Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13614

Հայ Ճարտարապետը Պիտի Մասնակցի Յիսուսի Ս. Գերեզմանի Նորոգութեան Աշխատանքներուն

$
0
0

The_Stone_of_Anointing_Church_of_Holy_Sepulchre

ԵԿԱՏԵՐԻՆԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Այս ամիս Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ կը մեկնարկեն Սուրբ Գերեզմանի վերականգման լայնածաւալ աշխատանքները: Այս որոշումը տրուած է Ս. Գերեզմանի իրաւատէր համարուող երեք եկեղեցիներու` Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի, յունաց պատրիարքարանի եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համաձայնութեամբ:

«1808 թուականի հրդեհէն ետք Ս. Գերեզմանը որեւէ նորոգութեան չէ ենթարկուած, մինչդեռ այդ իսկապէս անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է: Այս պատճառով Երուսաղէմի մէջ երեք եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը երկար քննարկումներէ ետք համաձայնեցան անյապաղ քայլերու ձեռնարկել Տիրոջ Գերեզմանի նորոգութեան համար», «Մետիամաքս»-ին պատմած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վրդ. Պաղտասարեանը:

Սուրբ Գերեզմանը քրիստոնէական աշխարհի գլխաւոր սրբավայրերէն է, ուր, ըստ Աւետարանին, խաչելութենէն ետք թաղուած է Յիսուս Քրիստոսը: Քրիստոսի գերեզմանի, Գողգոթայի խաչելութեան տեղի եւ շարք մը այլ սրբավայրերու վրայ 4-րդ դարուն բիւզանդացի կայսր Կոստանդինոս Մեծը կառուցեց Սուրբ Յարութեան տաճարը: Ամէն գիշեր ժամը 12:00-էն մինչեւ առաւօտեան 7:00-ը, նախ յոյները, ապա հայերը, յետոյ կաթողիկէները Ս. պատարագ կը մատուցեն Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին վրայ:

Երուսաղէմի պատրիարքարանի դիւանապետին խօսքերով, Ս. Գերեզմանի նորոգութեան աշխատանքները պիտի իրականացնէ Աթէնքի ազգային գիտարուեստական համալսարանի մասնագիտական խումբը, զոր կը ղեկավարէ փրոֆեսէօր Անտոնիա Մոլոպուլոն:

Մարտ 8-ին Աթէնքի մէջ մասնագիտական խումբը ներկայացուցած է Ս. Գերեզմանի տարածքին իրականացուած ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները, որուն ներկայ գտնուած է նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը:

Աւելի ուշ` մարտ 22-ին, Սուրբ Յարութիւն տաճարին մէջ Երուսաղէմի եւ համայն Պաղեստինի պատրիարք Ֆէոֆիլը` Սուրբ Երկրին մէջ Ֆրանսիսկեան միաբանութեան ներկայացուցիչ հայր Պիերբաթիստա Պիցաբալայի եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի ներկայութեամբ յայտարարած է Սուրբ Գերեզմանի մատրան լայնածաւալ վերականգման մեկնարկին մասին:

Ըստ Կորիւն վրդ. Պաղտասարեանին, Աթէնքի համալսարանի մասնագիտական խումբին զուգահեռ ստեղծուած է նաեւ գիտարուեստական խումբ, որուն մէջ ընդգրկուած են հայ, յոյն եւ կաթողիկէ եկեղեցիները ներկայացնող մէկական ճարտարապետ: Վերջիններս յոյն մասնագէտներու հետ պիտի մասնակցին եւ հետեւին Ս. Գերեզմանի վերանորոգութեան ընթացքին:

Հայոց պատրիարքարանին կողմէ այդ խումբին ներկայացուցիչ ընտրուած է հայազգի ճարտարապետ Իրինա Պատալեանը, որ 1990-ականներու սկիզբին բնակութիւն հաստատած է Իսրայէլի մէջ: Իրինան Հայաստանի վաստակաւոր ճարտարագէտ Ռուբէն Պատալեանի դուստրն է:

«Մետիամաքս»-ին հետ զրոյցին ընթացքին ան պատմած է, որ ինք մեծ պատասխանատուութեամբ ստանձնած է այս աշխատանքը:

«Այս մէկը ինծի համար իսկապէս պատուաբեր առաքելութիւն է», ըսած է Իրինա Պատալեանը:

Հայազգի ճարտարապետը, որ Երուսաղէմի մէջ աշխատած է շարք մը ճարտարապետական նախագիծերու մէջ, կը հաստատէ, որ Ս. Գերեզմանի ներկայի վիճակը իսկապէս տագնապալի է:

«Ս. Գերեզմանի վիճակը այնքան վատ է, որ կը քննարկուէր նոյնիսկ զայն այցելուներու համար ժամանակաւորապէս փակելու հարցը: Ի հարկէ, տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ Ս. Գերեզմանի մատուռէն դուրս եղած են որոշ ամրացման աշխատանքներ, սակայն լուրջ հիմնանորոգում 1800-ական թթ.-էն ի վեր պիտի կատարուի առաջին անգամ», կ’ըսէ մասնագէտը:

Անոր խօսքերով, Աթէնքի համալսարանի մասնագէտները ստեղծեր են Ս. Գերեզմանի համակարգչային եռաչափ նախատիպը:

«Յոյն մասնագէտները ամբողջ աշխատանքը ճիշդ ձեւով ծրագրաւորած են: Կը նախատեսուի, որ լայնածաւալ աշխատանքները կը մեկնարկուին մայիսին եւ կը տեւեն 8-12 ամիս: Ես վստահ եմ, որ ամէն ինչ կը կատարուի շատ բարձր մակարդակի վրայ», «Մետիամաքս»-ին ըսած է Իրինա Պատալեանը:

Ի դէպ, Աթէնքի համալսարանի մասնագիտական խումբի ղեկավարը եղած է Հայաստան եւ, Իրինա Պատալեանի խօսքերով, չափազանց տպաւորուած է հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեամբ:

Հայ մասնագէտին խորհրդատուութիւնը  Ս. Գերեզմանի վերանորոգման աշխատանքներուն կարեւոր եւ օգտակար է նաեւ այն առումով, որ Իրինա Պատալեանը ամբողջ խումբին միակ մասնագէտն է, որ կը տիրապետէ եբրայերէնին եւ կը հանդիսանայ Իսրայէլի քաղաքացի:

Կորիւն վրդ. Պաղտասարեանի խօսքերով, նորոգութեան ամբողջ ընթացքին Սուրբ Գերեզմանը բաց պիտի ըլլայ ուխտաւորներու եւ այցելուներու համար:

Նախնական գնահատականներով, Սուրբ Գերեզմանի վերականգնողական աշխատանքներու ընդհանուր պիւտճէն կը կազմէ 3 միլիոն եւրօ, զոր հաւասարապէս պիտի յատկացնեն հայ, յոյն եւ կաթողիկէ եկեղեցիները:

«Մետիամաքս»

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13614

Latest Images

Trending Articles



Latest Images

<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>