Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13424

Մտորումներ Թիկունքէն Եւ Սահմանագիծէն

$
0
0

Gigi-(1)_51816

ԿԻՐՕ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Անբացատրելի էր իմ զգացումս, երբ իմացայ, թէ լիբանանցի լրագրողներու հետ պիտի մեկնէի Արցախ: Արդարեւ, 6 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն Պէյրութէն հասանք Երեւան, լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողին եւ նկարիչին հետ: Իմ ներկայութիւնս թարգմանութեան եւ աշխատանքներու համադրման համար էր:

Gigi-(2)

Նոյն օրը` ապրիլի 6-ի առաւօտեան այցելեցինք Երեւանի Նուպարաշէն շրջանին մէջ գտնուող կամաւորներու արձանագրութեան զօրանոց: Հոն ականատես եղայ իսկապէս հպարտալի երեւոյթներու, ուր հարիւրաւորներ կու գային կամաւոր արձանագրուելու` երիտասարդներ, երէցներ, պատերազմի վեթերաններ, թէ ազատամարտիկներ. կու գային նոյնիսկ հաշմանդամներ: Զիրենք հոն բերողը հայրենիքի ու արեան կանչն էր, պարտականութեան գիտակցութիւնն ու հայրենիքը պաշտպանելու ե՛ւ պարտաւորութիւնը, ե՛ւ իրաւունքը. կու գային ուրախ, կարծէք հարսանիքի կ՛երթային. այո՛, հարսանիքի կ՛երթային անոնք, կ՛երթային հայրենիքի պաշտպանութեան հարսանիքին:

Կամաւոր արձանագրուելու եկողներուն մէջ կար նաեւ պարագայ մըն ալ, եկած էին հայր ու որդի. Աստուա՜ծ իմ, իսկական հարսանիք, եւ ես շշնջալով փառք կու տայի, որ ծնած եմ հայ` հակառակ պարտադրաբար սփիւռքի մէջ ծնած ըլլալուս, եղած եմ, մնացած եմ եւ պիտի մնամ հայ, եւ ոչ թէ` աշխարհաքաղաքացի. հպարտ եմ. հպարտ եմ մեր զինուորներով, կամաւորներով, ազատամարտիկներով, ժողովուրդով եւ Երկրով: Հպարտ եմ, որ յաղթանակած ազգի զաւակ եմ, հպարտ եմ ամէն բանով, որ հայկական է:

Երբ կամաւորներուն հարց կու տայի, թէ ի՞նչն է զիրենք կամաւոր արձանագրուելու մղողը, բոլորին պատասխանը միանշանակ մէկ էր, թէ` Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ. մենք կը կռուինք Հայաստանի համար, մեր պատիւին եւ երեխաներու համար, որպէսզի անոնք խաղաղ, հանգիստ եւ անհոգ ապրին: Բոլոր կամաւորները արդէն ինծի համար հարազատ էին, առանց զիրար ճանչնալու` բնազդաբար կ՛ողջագուրուէինք, կը զրուցէինք եւ իրարու տարտ ու հալ կը հարցնէինք` իբրեւ երկա՜ր տարիներու բարեկամներ եւ հարազատներ. այո՛, սիրելի՛ զինուորներ, դուք իմ հարազատներն էք:

* * *

Gigi-(3)_51816

Նոյն օրը` ապրիլի 6-ի կէսօրէ ետք հասանք Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտ եւ անմիջապէս ուղղուեցանք արտաքին գործոց նախարարութիւն` ստանալու համար առաջնագիծ երթալու յատուկ արտօնագիր: Աւելի ուշ մեր կատարելիք աշխատանքները համադրեցինք Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանի հետ: Երեկոն իջաւ, եւ նկատի ունենալով, որ տակաւին պատրաստ լրատուութիւն  չունէինք, որոշեցինք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն ուղղակի սփռումով «Էլ. Պի. Սի.»-ի ակնդիրներուն փոխանցել տեղեկութիւններ պատերազմական վիճակի մասին: Այդ նպատակով ալ հարցազրոյցներ կատարեցինք հայրենակիցներու հետ, որոնք լիբանանցի ակնդիրներուն խօսեցան իրենց տպաւորութիւններուն մասին. բոլորը համաձայն էին այն կէտին շուրջ, ու հակառակ պատերազմական վիճակին` կեանքը կ’ընթանար բնականոն:

Յաջորդ օրը` ապրիլի 7-ին, պատկան մարմիններու դասաւորումով, ժամը շուրջ 11:00-ին, զինուորականներու եւ այլ թղթակիցներու ու լրագրողներու ընկերակցութեամբ, ինքնաշարժներու շարասիւնով ճամբայ ելանք դէպի Մարտունի եւ այցելեցինք առաջնագծի կարգ մը դիրքեր, ուր նաեւ հարցազրոյցներ ունեցանք զինուորականներու հետ: Այստեղ արդէն իսկ իմ յագեցած հպարտութիւնս առաւել եւս լիցքաւորուեցաւ, երբ ականատես եղայ, թէ հակառակ կացութեան վտանգաւոր ըլլալուն` սպաներու եւ զինուորներու տրամադրութիւնը բարձր էր բոլորին դէմքին անկեղծ ժպիտ էր. անոնց մարտական ոգին գերազանց էր:

Մեր գտնուած վայրէն, Լիբանանի մէջ գործող «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին միջոցով եւ ուղիղ սփռումով լիբանանահայ մեր հայրենակիցները մասնակից եղան իմ տպաւորութիւններուս: Վերադարձին` դիրքերուն մօտ հանդիպեցանք երիտասարդ հողագործի մը, որ զբաղած էր արտի աշխատանքներով, կանգ առինք եւ հարց տուինք, թէ նման վտանգաւոր տեղ ինչպէ՞ս կ՛աշխատի. ան պատասխանեց. «Սա իմ հողն է, ես չաշխատեմ, հապա ո՞վ պիտի աշխատի», աւելցնելով, թէ ինք ապահով կը զգայ, քանի մեր զինուորները կը հսկեն ու կը պաշտպանեն, հաստատելով նաեւ, որ  եթէ պէտք ըլլայ, ապա ինք ալ պիտի երթայ կռուելու: Բարեմաղթութիւններ փոխանցեցինք եւ մեր ճամբան շարունակեցինք. ետ նայեցայ, ան անհոգ իր աշխատանքը կը շարունակէր:

* * *

… Եւ Ստեփանակերտի մէջ կեանքը բնական կը շարունակուէր: Նկատելի էր, որ Արցախի պատանիներու դէմքին վրայ եւս ժպիտ կար` անոնք անտեղեակ չէին, գիտէին եւ կը հասկնային պատերազմը, սակայն հանգիստ էին, քանի վստահ էին, որ զիրենք պաշտպանողներ կան` յանձինս հայ զինուորին: Նոյն օրը երեկոյեան ականատես եղանք թռիչքին ազերիական երկու անօդաչու սարքերու, որոնցմէ մին հասած էր մինչեւ Ստեփանակերտ. կէս ժամ ետք հայկական հակօդայիններու կրակոցներուն շնորհիւ վար առնուեցան եւ վերածուեցան սոսկ անպէտք երկաթակոյտի:

Ապրիլի 8-ի կանուխ առաւօտեան վերադարձանք Երեւան եւ նոյն օրը կէս գիշերին արդէն Պէյրութ էինք: Ես աւելի ՀԱՅ էի:

* * *

Ապրիլի 11-ին վերադարձայ … Իմ համեստ մասնակցութիւնս բերի Հայաստանի մէջ Արցախի օժանդակութեան համար ընթացք առած համընդհանուր աշխատանքներուն, որուն կը մասնակցէին համարեա բոլորը:

* * *

Աւարտեմ լիբանանցի լրագրողի խօսքով. «Պատերազմի ատեն ամէն մարդ փախուստ կու տայ տուեալ երկրէն, ես հոս` Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ հակառակը տեսայ, թէ ինչպէս մարդիկ կ՛երթան հակառակ` պատերազմի ուղղութեամբ: Երանի լիբանանցիք այսպէս ըլլային»:

Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան եւ օժանդակեցին մեր աշխատանքներու յաջողութեան:

Անփորձանք ծառայութիւն, սիրելի՛ եւ հարազա՛տ զինուորներ:

Փա՛ռք ու պատի՛ւ նահատակներուն եւ ողջ հերոսներուն:

Կեցցէ՛ հայկական բանակը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13424

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>