Կ’ընթանա՞նք դէպի ահեղ մեծ պատերազմ, թէ՞ արդէն ան սկսած է: Ոչ ոք կ’ուզէ զայն որպէս այդպիսին ընդունիլ: Եթէ մեծ պայթումը տեղի ունենայ, յաղթողներ եւ պարտուողներ պիտի չըլլան, մարդկութիւնը պիտի վերադառնայ նախնականութեան դարերը, եթէ դեռ մեր կապոյտ մոլորակը բնակելի ըլլայ:
Աշխարհ խառնուած է: Միամտութիւն է խորհիլ, որ պատահած դէպքերը մասնակի եւ շրջանային երեւոյթներ են: Աշխարհին տիրելու հիւանդագին փառասիրութիւնը միշտ գոյութիւն ունեցած է: Տիրակալներ միշտ ուզած են իրենց «սահմանները ընդարձակել»` մերժելով «միւս»-ին իրաւունքը, հպատակեցնելով ժողովուրդները, կողոպտելու համար անոնց հարստութիւնները: Հպատակեցնելու ձեւերը փոխուած են, անոնց տրուած անունները փոխուած են, բայց հիւանդագին միտումը նոյնն է` հակառակ «քաղաքակիրթ», «կրօնական», «ցեղապաշտական» եւ այլ դիմակներու:
Այդպէս եղած է Մեծն Աղեքսանդրի եւ պարսիկ Դարեհի, Հռոմի, արաբական տիրապետութեան, սպիտակ կամ կարմիր ցարերու, Օսմանի կայսրութեան եւ եւրոպական գաղութարարական մոլուցքի ժամանակներուն: Պատմաբաններ օր մը վիճակագրութիւն պիտի պատրաստե՞ն ըսելու համար, որ տուեալ պահուն, աշխարհի բնակչութեան ո՛ր տոկոսը զոհ գացած է այդ մոլուցքին: Որպէս այդպիսին ինքզինք չյայտարարող ժամանակակից պատերազմը ամէն օր քանի՞ զոհ կը խլէ: Պատերազմի եւ զէնքի համար ծախսուած ընդհանուր գումարը պէտք է յայտարարել: Այդ գանձով ծարաւէ եւ անօթութենէ մեռնող չի մնար, աներդիքներ չեն մնար, ուսումէ զրկուող մանուկներ չեն ըլլար:
Երբեմն հարց պէտք է տալ, թէ ՄԱԿ-ը եւ «մեծեր»-ը, հակառակ իրենց կատարած շռնդալից յայտարարութիւններուն, իրապէս կ’ուզե՞ն խաղաղութիւն եւ փոխհասկացողութիւն հաստատել: Թող ներուի կասկածով մօտենալ «բարի կամք»-ի բեմադրութիւններուն: Եթէ այդ «բարի կամք»-ով առաջնորդուէին, գէթ կը դադրեցնէին մահ սփռելու կոչուած զէնքի առեւտուրը: Կարեւոր հարցում մը. ծայրայեղականներու եւ ահաբեկիչներու դէմ վասն խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան պատերազմ յայտարարողներուն պէտք է հարցնել, թէ ո՞ւր եւ որոնց կողմէ արտադրուած զէնքերով իրենց դէմ կը կռուին նոյն այդ ահաբեկիչները եւ ծայրայեղականները, ո՞ր ճամբաներով անոնց կը հասնին այդ զէնքերը: Դիւանագիտական երթեւեկը եւ հեռատեսիլային ճառերը չեն պատասխաներ այս հարցումին:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ժողովին կամ տարեկան ընդհանուր ժողովին, լաւատեղեակ քաղաքական գործիչները եւ մասնագէտները ինչո՞ւ չեն բացայայտեր ճշմարտութիւնները եւ ըստ այնմ ինչո՞ւ չեն դիրքորոշուիր: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ հիմա նորոյթ է իշխող «էսթեպլիշմընթ»-ներէն տարբեր խմբաւորումներու ստեղծումը, քաղաքացիներ մտահոգ են ապագայով, այդ մտահոգութիւնները կարելի չէ փարատել` չարիք եւ վտանգ շպարելով բեմադրութեան համար: Քաղաքականութիւնը, իր ազնիւ իմաստով, կոչուած պէտք է ըլլայ հանրային ծառայութեան: Այդպէ՞ս է:
Ինչպէ՞ս քաղաքականութիւնը հանրային ծառայութիւն կրնայ ըլլալ, երբ «էսթեպլիշմընթ»-ները տեւաբար կը մտածեն իրենց դիրքերու յաւերժացման մասին: Ֆրանսական Մեծ յեղափոխութենէն ի վեր երկիրը կը կառավարուի անգամ մը «աջ»-ով անգամ մը «ձախ»-ով: Այդպէս է նաեւ Ամերիկան: Այդպէս են բոլոր երկիրները: «Էսթեպլիշմընթ»-ները նոր անունով շարունակողներն են աւատապետական դրութեան: Նաեւ` փոքր երկիրները: Այսինքն «հանրային ծառայութիւն»-ը դարձած է այլ բան, հանրութիւնը կը ծառայէ «էսթեպլիշմընթ»-ին: Այդ պատճառով ալ կը շարունակուին մրցակցութիւնները ոչ թէ աւելի լաւին համար, այլ` մեզի հաւասար միւս անհատը կամ ժողովուրդը ճզմելու:
Իր անունը չըսող համաշխարհային պատերազմ մը ընթացքի մէջ է. կռիւներ, փախստականներ, գաղթականներ, անօթիներ: Փոխարէն, այս կամ այն երկինքին տակ, հսկայական գումարներ պահ կը դրուին, որպէսզի շահագործողներ եւ չարաշահողներ ապահովութիւն զգան: Այդ ձեւով պահ դրուած գումարները համաշխարհային պատերազմի օղակ է:
Այս խառնակ կացութեան մէջ ուժի եւ կեղծիքի աղբիւսին վրայ կ’աճին անհանդուրժողութիւններ, փառասիրութիւններ, բացասականութիւններ: Չեմ կրնար հաւատալ, որ «մեծ»-երը եւ իրենք զիրենք «իրաւարարութեան» կոչածներ չեն տեսներ վտանգները:
Օրինակ, ի՞նչ կը հետապնդէ Թուրքիան: Ֆրանսական «Քուրրիէ Էնթերնասիոնալ» շաբաթաթերթին մէջ (20 ապրիլ 2016) կը կարդանք արաբ լրագրող Հազեմ Սաղիէի յօդուածի հետեւեալ պարբերութիւնը. «Թուրքիան` Մերձաւոր Արեւելքի միւս բեւեռը, կը շարունակէ հրապարակ գալ Էրտողանով եւ իր Արդարութեան ու բարգաւաճում կուսակցութեամբ` յայտարարելով, որ ան չի փոխուիր: Իր իւրայատկութիւնը կը հիմնուի ռազմավարութեան մը վրայ, որ կը շարունակուի աշխարհի ուղղուած սպառնալիքով (շանթաժ)` երբեմն ՏԱՀԵՇ-ի միջոցով, երբեմն օգտագործելով ապաստան փնտռողները, որոնք կը գաղթեն դէպի Եւրոպա`առանց մոռնալու յաջորդական հարուածները` ուղղուած ընդդիմութեան լրատուամիջոցներու, ընկերային ցանցերուն եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն, որոնք իշխանութեան կողմէ կը դիտուին որպէս Արեւմուտքի գործիքներ» (ընդգծ. Յ.Պ.):
Այս «շանթաժ»-ի քաղաքականութիւնը նոր չէ: Թրքական ծանօթ «պասքիւլ»-ի քաղաքականութիւնն է, որ որպէս զէնք գործածուած է միշտ` յաւելեալ իրաւունքներ եւ օժանդակութիւններ ստանալու համար Խորհրդային Միութենէն, Ամերիկայէն, Եւրոպայէն:
Թուրքիան կը հետապնդէ կայսերական ծրագիրներ, «փանթիւրքիզմ»-ը ծրագիր է, այդ նպատակին հասնելու համար ան կ’օգտագործէ կրօնական ազդակը, ինչպէս` անցեալին: Կ’օժանդակէ ՏԱՀԵՇ-ին, Իսլամական խորհրդաժողովին կ’որոշուի հասարակաց ոստիկանութիւն մը ունենալ` Էնթերփոլի նմանութեամբ, եւ կ’որոշուի, որ անոր կեդրոնը պիտի ըլլայ Պոլիսը, ինչպէս ընդունուած է ըսել` Իսթամպուլը:
Արեւմտեան աշխարհը անվարան կը խօսի Հիւսիսային Քորէայի մասին, կ’ըսէ, թէ ան խաղաղութիւնը կը վտանգէ, ուր մամուլը ազատ չէ: Օսմանի կայսրութիւնը վերստեղծելու փառասիրութիւնը ունեցող եւ լրագրողները բանտարկող Թուրքիան ինչո՞ւ բարեացակամութեամբ կը դիտուի, այնքա՛ն, որ Եւրոմիութեան դռները իր առջեւ բանալու տրամադիր բարեմիտներ կը գտնէ:
Լրագրողը կը խօսի «շանթաժ»-ի մասին:
Թուրքիոյ պաշտպանեալը` Ազրպէյճան, նոյն այդ «շանթաժ»-ը գործադրութեան կը դնէ ազատագրուած Արցախի դէմ:
Եւ կրկին, բարեմիտներ, տգիտութեամբ կամ շահախնդրութեամբ, հաւասարութեան նշաններ կը դնեն հայկական ինքնապաշտպանութեան եւ թրքական նախայարձակման միջեւ:
ՄԱԿ-ը, «մեծ»-երը եւ իրաւարարները, ե՞րբ իրաւունքի, արդարութեան եւ պատմութեան արժեչափերով պիտի խօսին եւ վճռեն` դադրելով երկու չափ երկու կշիռի անբարոյութենէ:
Պատերազմ շղթայազերծեցին Իրաքի եւ Սուրիոյ դէմ: Թուրքիան մարդկային եւ ժողովուրդներու իրաւանց, ժողովրդավարութեան եւ մամուլի ազատութեան յարգումի օրինակելի երկի՞ր է…
Նոյն մեծերը կոյր չեն, բայց կը տեսնեն միայն այն, ինչ որ կ’ուզեն տեսնել:
10 ապրիլ 2016, Նուազի-լը-Կրան