Սիրելի՛ «Ազդակ»,
Կ՛ուզէի ընթերցողի մը գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնել ձեր թերթի նկատմամբ ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի շաբաթ, 30 ապրիլ 2016-ի թիւին մէջ լոյս տեսած խմբագրականին առնչութեամբ:
Գրութիւնը իր սեղմ տողերուն մէջ ու մայիս 1-ի դիպուկ առիթէն օգտուելով կը կատարէ շրջահայեաց, շատ խոհեմ, հեռանկարային յանձնարարական մը` ձեւաւորել արդար հասարակարգ մը երկու հանրապետութիւններուն մէջ: Այս է հզօր եւ անխոցելի երկրի մը հիմնական գրաւականներէն մէկը:
… Ու այս ամէնը ասելաոճով մը, բառամթերքով մը որուն ընթերցումը պարզապէս հաճոյք է:
Շնորհակալութեամբ եւ լաւագոյն մաղթանքներով`
ՄԱՍԻՍ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԵԱՆ
3 մայիս, 2016
Պէյրութ