Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13414

Հարցազրոյց Գրագիտուհի Շահանդուխտին Հետ

$
0
0

IMG-20160423-WA0002Շահանդուխտ, մկրտութեան անունով` Սանդուխտ Պերթիզլեան, ծնած է Պուրճ Համուտ: Ծնողքը` Կիլիկիոյ Մարաշ քաղաքի ջարդերէն մազապուրծ փրկուած որբեր:

Ան նախակրթութիւնը ստացած է իր թաղի Նոր Մարաշի Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ: Փոքր տարիքէն ջերմ սէր ունեցած է ուսման հանդէպ:

Երկրորդական ուսման գիտելիքներ ամբարելու համար յաճախած է գիշերային դպրոցներ ու տիրապետած` ֆրանսերէն անգլերէն ու արաբերէն լեզուներուն: Հետեւած է Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի եւ ապա Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Հայագիտական եւ արեւելեան գիտութեանց կաճառի դասընթացքներուն, ուրկէ վկայուած է յաջողութեամբ: Ան հինգ տարի ուսուցչական պաշտօն վարած է Պուրճ Համուտի Նոր Սիսի թաղամասի Ազգային Աքսոր Գասարճեան նախակրթարանին մէջ:

1960-ին մաս կազմած է «Այգ» օրաթերթի խմբագրական կազմին: 1975-ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով կը փակուի «Այգ» օրաթերթը, որովհետեւ խմբագրատունը կը գտնուէր զինեալներու վտանգաւոր գօտիին մէջ: 1977-ին ան կը միանայ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրական կազմին ու երկար տարիներ կը ստորագրէ յօդուածներ: Շահանդուխտ հեղինակ է 34 հատորներու` բանաստեղծութիւն, պատմուածք եւ վէպ: Արժանացած է մեծարանքի Լիբանանահայ օգնութեան խաչին կողմէ 1993-ին եւ Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան կողմէ 2000-ին: Արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գնահատանքին` Օրհնութեան գիր եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան ստանալով Արամ Ա. կաթողիկոսէն:

2001-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Ցոլակ Թիւթէլեան Շահանդուխտին շնորհած է Պուրճ Համուտի ոսկեայ բանալին` իբրեւ գնահատանք անոր հեղինակած «Պուրճ Համուտէն կու գամ» գիրքի լոյս ընծայման: 2007-ին Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ պարգեւատրուեցաւ «Ասպետի կարգ»-ի մայրիներու շքանշանով` ձեռամբ Հանրապետութեան օրուան նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի ներկայացուցիչ նախարար Սեպուհ Յովնանեանի: 2013-ին Լիբանանի Հայաստանի դեսպանատան մէջ  Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան  Աշոտ Քոչարեանի,  ներկայութեամբ լիբանանահայ մամուլի մշակներու եւ միութենական ներկայացուցիչներու Շահանդուխտ պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:

Ան անդամ է Լիբանանի խմբագիրներու սենտիքային: 

Շահանդուխտի գործերն են`

«Իմ աշխարհէն», «Հացեկացէն կու գամ», «Գարնան ձիւն տեղաց», «Սաննինէն ջուր խմեցինք», «Շըրըպնէ մին միյէհ Սաննին», «Աւանդատուն»,  «Քարացած լեզուներ», «Թող չարտասուեն մայրիները», «Այրող կամուրջներ», «Վկաները ոտքի ելան խօսելու», «Ճրագալոյց», «Երջանկութիւնը որ իմս չէր», «Ուլունքաշար», «Արեւածաղիկները խոնարհեցան արեւմուտքին», «Ծառուղի», «Կոտրած սրինգը», «Պուրճ Համուտէն կու գամ»,  «Երազող ճամբաներ», «Իմ ճառընտիրը», «Ճամբեզրի զրոյցներ», «Կայարաններ», «Դրազող ճամբաներ», «Հեռուներու մտերմութեամբ», «Հին կարասին նոր գինին», «Հրաշք», «Մեր հայրերուն կանչը եւ մեր ականջը», «Երգող ցաւեր», «Լռած լեզուն խօսեցաւ»,  «Հանդիպումներ հայուհիներու հետ», «Ճակատագրի ճանապարհին մոռցուածները», «Բուռ մը բերրի հող», «Ճամբորդութիւն` առանց հասցէի»:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ջարդէն վերապրած ծնողքի զաւակ ըլլալով` ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ օրերուն կեանք առած Լիբանանահայ օգնութեան խաչը:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.- Կը յիշեմ` քառասունական թուականներուն Անուշ Տատեան անունով կին մը առանձին ԼՕԽ-ի  համար դրամահաւաք կը կատարէր. ես շատ փոքր էի, մայրս ԼՕԽ-ական  էր այդ ժամանակ: Մինչեւ «Աշխէն» մասնաճիւղի գործունէութիւնը սկսիլը` թաղեցի կիները կը վազվզէին դրամահաւաքի կամ «Պնակ մը կերակուր»-ի գործունէութիւնը կատարելու. Գույումճեան, Մինասեան, Քեպապճեան, շատեր ալ, որոնց անունները չեմ յիշեր, աշխատեցան եւ կազմակերպեցին Մարաշի մէջ մասնաճիւղ մը յառաջացնելու աշխատանքը: Սիսի մասնաճիւղը մեր շրջանի մասնաճիւղէն առաջ կազմուած էր: Պէյրութի մասնաճիւղէն ետք, ընկերուհիները տուն-տուն կը պտտէին, հոգիով կ՛աշխատէին եւ բոլոր ձեռնարկները կը կազմակերպէին, այն ժամանակ տնտեսական կացութիւնը աւելի վատ էր: «Պնակ մը կերակուր»-ը այդ օրերուն ստեղծուած էր: Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց դպրոցը կաթսայով կերակուր կը բերուէր: Կարիքաւոր երեխաներու կը հրամցուէր եւ կարգ մը երեխաներ կ’ուտէին. Նպատակը անօթի երեխայ չտեսնելն էր: «Գարակէօզեան»-ն ալ կաթ կը խմցնէր մանկապարտէզի երեխաներուն: Բարեգործականն ալ կ՛օգնէր, կը տեսնէի ծերունիներ Թրատէն կու գային ձեռքերնին ամանով մը:Այդպէս եղած է Լիբանանահայ օգնութեան խաչի այդ տարիներու աշխատանքը:

Հ.- Հայ մայրը որքա՞ն ներդրում պէտք է ունենայ ԼՕԽ-ի մէջ` ըստ ձեզի:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.- Դժբախտաբար այս օրերուն հայ մայրեր նոյն ձեւով կապուած չեն ԼՕԽ-ին, ինչպէս` անցեալին.ներկայ  տնտեսական վիճակը չ’օգներ.սակայն զանոնք քաջալերելով ու միջոցներ գտնելով` կարելի է աշխատանքի մղել. ազգային պարտականութեան գիտակցութիւնը  շեշտել հայ մայրերուն մէջ եւ միշտ  քաջալերել անշուշտ:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ԼՕԽ-ի աշխատանքները տարիներու երթին վրայ. բացասակա՞ն, թէ՛ դրական:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.- Վստահաբար որ փոփոխութիւններու կարիքը կայ: Ձեռնարկներու աւարտին կատարուած հանգանակութիւնը երբեմն կարելի է զանց առնել` անհատներու թէ մասնաճիւղերու միջեւ մրցակցութիւն չյառաջացնելու համար. անհատապէս տուողը առանձին պէտք է տայ եւ արդէն իսկ կու տայ: Ձեռնարկները միայն նիւթական ապահովութիւն ստանալու ձեռնարկներ պէտք չէ ըլլան, այլ շրջաններու անդամուհիներ կամ բնակիչներ իրարու քով բերելու, մէկը միւսին աշխատանքին ծանօթանալու նպատակով պէտք է կազմակերպուին: Գեղարուեստական մասը պէտք է տիրապետէ, բանախօսներուն պատգամը ըլլայ իմաստալից եւ ամփոփ: Անոնք  պէտք է կեդրոնանան ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութեան վրայ միայն. Անշուշտ նաեւ այլ օգտաշատ նիւթերու մասին ալ կարելի է խօսիլ. Այդպիսով, առիթ տալով նաեւ  ներկաներուն խօսք առնելու, սրտաբուխ արտայայտուելու եւ մէկը միւսը մղելու` խօսելու, արտայայտուելու:

Հ.- Նկատի ունենալով ներկայի ընկերային-տնտեսական կացութիւնը, որ բոլորս կը դիմագրաւենք եւ լաւ ծանօթ ըլլալով ԼՕԽ-ի գործունէութեան` ի՞նչ թելադրանքներ կամ առաջարկներ կը ներկայացնէք ԼՕԽ-ին եւ երիտասարդութեան:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.- Շրջանայինը եւ մասնաճիւղերը երիտասարդները պէտք է հրաւիրեն, նոյնիսկ տուները երթալով հրաւիրեն, քաջալերեն, որ անդամագրուին ԼՕԽ-ի շարքերուն: Նոր անդամուհիներ արձանագրեն,ծանօթացնեն անոնց կատարուած գործունէութիւնը  եւ իւրաքանչիւրը իր շրջանին մէջ պէտք է շրջի. անոնք հիւանդներուն պէտք է այցելեն կամ մահացածները յարգեն. կարիքաւորներուն` հիւանդ կամ տարեց, անոնց կեանքի դժուարութիւնները նկատի առնուին:

Հ.- Ներկայիս իբրեւ մեր գաղութին միակ գրագիտուհին յարգանք ունինք ձեր վաստակին: Մօտիկ եղած էք ԼՕԽ-ին, ի՞նչ ըսելիքներ ունիք կազմակերպութեան, իր տեսլականին հասա՞ծ է:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.- Այս կազմակերպութեան մէջ կան նուիրեալ անդամուհիներ, անոնց կողքին նաեւ կան անտարբերներ, ինչպէս ամէն տեղ կան այդպիսիներ: ԼՕԽ-ը  մինչեւ այս օրերը ամուր կանգնած է իր դիրքին վրայ, ըլլա՛յ շրջանայինը, ըլլայ յանձնախումբերը, թէ մասնաճիւղերը: Յարգանք ունինք իրենց տարած աշխատանքներուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13414

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>