Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13419

Յիշեցման Կարգով …Պատմութեան Համար

$
0
0

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

«Ազդակ» օրաթերթի երկուշաբթի, 18 ապրիլի թիւով աշխարհասփիւռ  հայութիւնը ուրախութեամբ կարդաց «Առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ հայ համայնքը կը ներկայացնեն երկու երեսփոխաններ` Ժիրայր Ռէյիսեան եւ դոկտ. Նորա Արիսեան»:

Սուրիոյ հնգամեայ ճգնաժամին մէջ, աղէտալի եւ սրտաճմլիկ լուրերու եւ գաղութը ցնցող տագնապալի վիճակին դիմաց հաւանաբար միակ աւետիսն էր, որուն երկար ժամանակէ ի վեր կարօտը ունէինք, թէեւ կրթական եւ մշակութային կեանքի աշխուժ վիճակը կը հաստատէր անպարտելի գաղութի մը յարատեւութիւնը, սակայն այս քաղաքական յաղթանակը ապտակ մըն էր յատկապէս հիւսիսի դրացիին, որ քուլիսին ետին կանգնած յուշարարի նման հայ զանգուածին խաղաղ կեանքը անհանգստացնող ուժերը կը յորդորէ:

Երկու երեսփոխան ունենալու հարցին մէջ նորութիւնը իգական տարրի ներկայութիւնն է, սակայն այս երեւոյթը նախընթաց ունի, այլապէս երեք երեսփոխաններ ալ ունեցած ենք երեք նստաշրջաններ:

Ֆրանսական հոգատարութեան օրերուն, 1932-ին Հալէպէն` Հրաչ Փափազեան եւ Ալեքսանտրեթէն` Մովսէս Տէր Գալուստեան, 1936-ին  հալէպէն մեթր Պետրոս Միլլէթպաշեան եւ Հրանդ Սիւլահեան, Ալեքսանտրեթէն` Մովսէս Տէր Գալուստեան: 1943-ին Դամասկոսէն` Նազարէթ Եագուպեան, Հալէպէն` Մովսէս Սալաթեան եւ Հրաչ Փափազեան: 1947-ին ` Դամասկոսէն Մեթր Ֆրետ Արսլանեան, Հալէպէն` Տիգրան Չրաճեան եւ Ապտալլա Ֆեթթել:

Եգիպտոս եւ Սուրիա Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան լուծումէն ետք, 1961-ին միասնական ցանկով Հալէպէն ընտրուած են զօրավար Արամ Գարամանուկեան եւ մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեան, այս խորհրդարանը լուծուած էր 8 մարտ 1963-ին, ՊԱԱՍ ընկերվարական կուսակցութեան յեղափոխութեան օրը:

1970-ի 16 նոյեմբերի բարեկարգչական շարժումին առիթով, երբ վերահաստատուած է խորհրդարանը, եւ 1971-ին երկամեայ նշանակովի խորհրդարանին մէջ ներառուած էին` մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեանը եւ Ռուբէն Տիրարեանը:

1973-էն մինչեւ 2011 թուականներ, ինը քառամեայ նստաշրջաններ, հայ համայնքը Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացած է մէկ երեսփոխանով: Վերջին շրջանին, 2012-2016 տարիներուն  դժբախտաբար հայ երեսփոխան չէր յաջողած:

Սուրիական տագնապի լուծման լաւատեսութեան զուգահեռ, այսօր հայ համայնքը բոլոր ժամանակներէն աւելի կոչուած է վերկանգնումի ջանքերուն մէջ իր ներդրումը ունենալու, երկու երեսփոխաններու յաջողութիւնը գրաւական են այդ գործին:

Ժընեւ                       


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13419

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>