ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Եղեռնի նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող նուիրական որոշում եւ սրբազան արարք մըն էր հաւաքական սրբադասումը: Հաւանաբար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի մեծագոյն բարոյական աքթն էր` յաչս աշխարհին:
Փաստօրէն, հայ եկեղեցւոյ կողմէ կատարուած նման արարողակարգ խորքին մէջ կը զգենուր իւրայատուկ նշանակութիւն, իմաստ եւ ազգային մտածողութիւն:
Իրօք, բազմաոլորտ մտածողութիւն ընդգրկող արարք մըն էր անիկա, այն առումով, որ առաջին հերթին, հայ մարդու կոչումին եւ հաւատամքին բիւրեղ ու երկիւղած վերաբերում պէտք է նկատել հայ կրօնական դասու այս տիպի մօտեցումը, ապա` համայն մարդկութեան ուղղուած ցասումի ու պոռթկումի լո՜ւռ պատգամ մը, այլապէս զգաստութեան հրաւիրող ղօղանջ ու ցաւատանջ շարական մը ինքնին:
Ճիշդ է նաեւ այն, որ եկեղեցական նման կեցուածքի արտայայտութիւն մը իր մէջ կը պարփակէ քաղաքական որոշակի վարքագիծ, յանձնառութիւն եւ պահանջատիրական ոգիի առաւել փոթորկում` յանուն նահատակներու միանգամընդմիշտ յիշատակագրումին եւ իրաւազրկուած դատի մը քաղաքական գնահատումին:
Այդուամենայնիւ, մէկուկէս միլիոն հայ անմեղ զոհերու սրբադասումը իր բարոյական ըմբռնումէն անդին նաեւ պարտաւորեցնող է ողջ մարդկութեան խղճին:
Այլ խօսքով, օտար բարձրագոյն կրօնական ամպիոններէն ու միջավայրերէն սկսեալ մինչեւ համեստ եկեղեցական շրջանակներ բոլորի ճիտին պարտքը կը համարուի ամէնօրեայ յիշատակումի ճամբով վերարծարծել, քարոզել եւ բարձրագոռ յիշեցնել, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը համամարդկային վիշտ մըն է, կոտտացող մեծ ցաւ եւ անշրջանցելի ճշմարտութիւն մը:
Աւելի՛ն. մատուցուած աղօթքներու եւ քարոզներու առընթեր անոնք առանձնապէս պէտք է շեշտեն, որ համայնական ազգ մը ու հազարամեայ հայրենիքի տարածք մը ամբողջ բնաջնջումի ենթարկելու սադայելական կանխամտածուած պետական ոճիր մըն էր Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ իր կարգին զոհ է դարձեր պետութիւններու վատոգի ու անտարբեր մօտեցումին, անտեսումին եւ ապերախտ շահարկումին:
Հայութիւնը այսպէս պէտք է ըմբռնէ էքիւմենիք շարժումին խորքն ու իմաստը, քրիստոնէական հաւատամքի, եղբայրակցութեան եւ նուիրումի հասկացողութիւնը:
Ի դէպ, իրերայաջորդ տասնամեակներու ընթացքին օտար անհատներու հայանպաստ հրատարակութիւնները, ժողովրդական կառոյցներու թէ տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու նախաձեռնած ցոյցերն ու պոռթկումի ելոյթները, կարգ մը պետական շրջանակներու կեցուածքներն ու դրական ընկալումները, թէեւ կը մնան անգնահատելի, վսեմ ու շնորհակալ ժեստեր, եւ հայութեան կողմէ բիւր յարգանիքի ու երախտիքի արժանի, այդուհանդերձ անոնք լոկ բարոյական չափանիշի արտայայտութիւններ են, այսինքն` քաղաքականօրէն անբաւարար եւ իրաւականօրէն անհաշուառելի:
Գալով ներհայկական իրականութեան, ըսինք, թէ .հաւաքական սրբադասումը, ազգային բեմահարթակի լուսարար մտածում մը ըլլալով հանդերձ, պէտք է շաղկապուի հաւաքական ինքնասրբագրումի հրամայական պահանջը:
Այլապէս ի՞նչ բանի կը ծառայեն վերոյիշեալ մտածումներն ու բարոյական գործընթացներ, եթէ երբեք անոնք պիտի չնպաստեն ազգային մէկութեան գաղափարի հզօրացման եւ առաւել աշխուժացման:
Արդարեւ, ըմբռնելով հանդերձ հայ եկեղեցւոյ դասական շերտաւորումները, որոնք այլապէս ալ կը հարստացնեն մեզ իրենց յարանուանական թէ ծառայական ներկայութեամբ, սրբադասումի համահայկական հնչեղութիւնը պէտք է որ իր ուժեղ անդրադարձը ունենայ իւրաքանչիւրին գործունէութիւններուն ընդմէջէն:
Այլ խօսքով, հայ եկեղեցին այսօր աւելի քան երբեք կոչուած է հայ պետութեան կողքին ըլլալու այն առաջնորդող ազգային կառոյցը, բարոյական ըմբռնումներու ջատագովն ու օրինակելի հարթակը, որ պիտի կարենայ ամբողջացնել եւ իր լրումին հասցնել ազգային բարեկարգչական առաջադրանքները, հոգեզինել սերունդները եւ ստեղծել ինքնարժեւորման եւ ինքնահաստատման այնպիսի միջավայր-հարթակներ, որոնցմով ազգը պիտի կարենայ ապահով շարունակել իր գոյութենական ճանապարհը:
Միւս կողմէ, երբ հայ եկեղեցւոյ նուիրեալ անհատը կը զիջի նման կոչումէ եւ կը հանդերձէ սովորական կեանքի պատմուճանը, իր ծառայական կեանքին առընթեր, արդէն իսկ հարուածած կ՛ըլլայ բարեկարգումի ամէն փորձ եւ ինքնասրբագրումի որեւէ մտասեւեռում: Տուեալ տխուր օրինակներու քաջածանօթ հայութիւնը, իր կարգին, ամէն պատեհ առիթի իր ձայնը լսելի կը դարձնէ, ինքնարժեւորման քայլեր կը պահանջէ արդարօրէն, որպէսզի ազգային կեանքի ահաւոր բացթողումներու եւ գործուած սխալ վարքագիծերու ընթացքը կասեցուի, յանուն ազգային շահերու նուիրականացումին:
Յայտնապէս արցախեան վերջին իրադարձութիւններու (1-6 ապրիլ) լոյսին տակ, երբ ամբողջ մարդկութիւնը ականատեսի վկայութեամբ հաստատեց հայ ազգային նկարագիրի ու խառնուածքի ամէնէն վառ եւ օրինակելի դրսեւորումը, երբ ազգեր ակնապիշ դիտեցին հայ հոգեւոր դասու զէնն ի ձեռին ներկայութիւնը Արցախ աշխարհի պաշպանական սահմաններու եւ խրամներուն մէջ, արդէն ապացոյց մըն էր ինքնին, թէ ազգային առանձնայատկութիւններ կը ճառագայթեն օրհասական պահերու եւ ճգնաժամի ամբողջ տեւողութեան:
Կրնայ ըսուիլ նաեւ, որ ճիշդ չէ ազգային ամէն բացթողում եւ դատապարտելի երեւոյթի մը ներկայութիւնը ագուցել հայ եկեղեցւոյ իրականութեան եւ կամ այս կառոյցէն ակնկալել առաջնորդողի դերակատարութիւն` յանուն ներհայկական կեանքի առողջացման եւ ինքնաբիւրեղացման:
Ընդունելով հանդերձ առարկութիւնը, մեր կարգին հարց կու տանք, թէ հայ կեանքին մէջ գոյութիւն ունի՞, հայ պետականութեան առընթեր, համահայկական կառոյց մը, որուն շուրջ կրնայ հաւաքուիլ հայ ազգը, իր տարբեր շերտերով եւ գոյներով: Արդեօք հայ ազգային եկեղեցին իր դարաւոր ներկայութեամբ, շունչով եւ նուիրական կարգերով, փոխլրացուցիչ կառոյցը չէ՞, որ պիտի կարենայ համախմբել հայութիւնը իր հովանիին տակ` որպէս բարոյական հեղինակութիւն:
Ազգերու պատմութիւնը մինչեւ այսօր ցոյց կու տայ, թէ որքան մեծ դեր ունեցած են ու ցարդ ունին կրօններ, երբ անոնց հեղինակաւոր առաջնորդները դարձած են իրենց ժամանակի շունչն ու ոգին, գերադաս օրինակն ու մտքի լուսաւորման աղբիւրը:
Արդ, հայ կեանքի ներկայ հանգրուանին, երբ գաղութահայ օճախներ թէ հայրենի հողին վրայ ապրող հազարաւոր ընտանիքներ կը դիմագրաւեն բազմապիսի մարտահրաւէրներ եւ անասելի դժուարութիւններ, թշնամական սպառնալիքներ եւ պատերազմի արհաւիրք, հայ եկեղեցին պարտաւո՛ր է ցոյց տալ որակական այնպիսի չափանիշ եւ աշխատանքային առանձնայատկութիւն, որ իր կարգին թիկունք ըլլայ հայ պետականութեան` իբրեւ հայ հոգեկերտուածքի տիպար արտայայտութիւն:
Ապրիլեան սգահանդէսներու կազմակերպումէն շատ անդին, հայութիւնը իր բովանդակ իրականութեամբ կանգնած է աշխարհաքաղաքական նորովի եւ խենեշ դասաւորումներու դէմ յանդիման: Այս առումով, հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը` իբրեւ բարոյական հեղինակութիւն, յաչս աշխարհին պէտք է ստանայ այնպիսի խոր եւ լուրջ տարողութիւն, որ առաւելագոյն չափով կարենայ համախմբել ազգը, յանուն ազգային պաշտպանական խնդիրներու առաւել արմատացման:
Սա է այսօրուան հրամայական պահանջը, որով ցոյց պիտի տանք մտքի ու հոգիի որակական դրսեւորում, առաւել կազմակերպուածութիւն, հաւատքի ու հաւատամքի գաղափարախօսական բարձունք: