Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

ՀՕՄ-ը ՄԱԿ-ի Մէջ Իր Գործունէութեան Նոր Համադրողներ Նշանակեց

$
0
0

Ձախէն աջ՝ Քրիստինա Մեհրանպոտ եւ Մարալ Թիւթիւնճեան

Վերջերս Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) նշանակեց Քրիստինա Մեհրանպոտը` իբրեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ տարուող ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն համադրող եւ Մարալ Թիւթիւնճեանը` իբրեւ օգնական համադրիչ:

Մեհրանպոտը եւ Թիւթիւնճեանը Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ պիտի ներկայացնեն ՀՕՄ-ը` զանազան ժողովներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ` ՄԱԿ-ի մէջ այլազան գործակալութիւններու եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ընթացիկ ծրագիրներու իրականացման աշխատանքներուն ընթացքին:

Միասնաբար, զոյգ համադրողները կը տիրապետեն հայերէնին, անգլերէնին, սպաներէնին, արաբերէնին, պարսկերէնին եւ թրքերէնին:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Վերժինի Թուլումեանը նկատել տուաւ, որ անոնց նշանակումը առաւել եւս կ՛ամրացնէ ՀՕՄ-ի նուիրումը` հանդէպ այն սկզբունքներուն, որոնք ՀՕՄ-ը կը բաժնէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հետ, աւելցնելով, որ  նոր համադրողները իրենց որակաւոր դաստիարակութեամբ ու փորձառութեամբ պիտի արժեւորեն ՀՕՄ-ի գործունեայ ներկայութիւնը համաշխարհային այդ կազմակերպութեան մէջ:

Մեհրանպոտը եւ Թիւթիւնճեանը պիտի ջանան ռազմավարական գործակցութիւններ զարգացնել ՀՕՄ-ի համար ՄԱԿ-ի մէջ` ամրացնելով ՀՕՄ-ի նուիրումը` հանդէպ տիեզերական արժէքներու, ինչպէս` մարդկային իրաւունքներու, կիներու եւ մանուկներու ընկերային, առողջական եւ դաստիարակչական ու տնտեսական կարիքներու գոհացման եւ պահպանման ու աշխարհի տարածքին ապահովումը, պայքարելով նոյն ատեն կենսոլորտին սպառնացող բոլո՛ր վտանգներուն դէմ:

Մեհրանպոտը պատիւ համարեց, որ առիթը կը տրուի իրեն` ՄԱԿ-ի մէջ ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն իբրեւ համադրող, աւելցնելով, որ ինք անհամբեր է` ծառայելու կազմակերպութեան մը, որ ամբողջական, աշխարհածիր նուիրումով կը ծառայէ Հայաստանին եւ հայութեան` իր մարդկային իրաւունքներու, ընկերային արդարութեան, սեռերու հաւասարութեան, տնտեսական ու մշակութային զարգացման ի խնդիր հաստատած ծրագիրներով ու հաստատութիւններով, եւ  ինք պատրաստ է ՀՕՄ-ը ներկայացնելու Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ:

 


Կեդրոնականցին Եւ Եթերի Exhibitionisme-ը

$
0
0

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

Աւանդապաշտ լայնամիտ մըն է Արմենակ: Կիրակի օր, եկեղեցիի բակը, բաժակ մը սուրճով ցուրտին դէմ կը դնէինք: Ան խօսեցաւ համատարած exhibitionisme-ի մասին:

– Սիրելի՛ս, ինքնացուցադրական ախտէ վարակուած ենք: Ախտը կար, հոգեբուժները կը խօսին այդ մասին: Հիւանդները բացառութիւն էին: Հիմա համացանցը ախտին արձակ դաշտն է: Ամէն բանի համար վիճակագրութիւն կազմողները օր մը պիտի ըսե՞ն, թէ ամէն վայրկեան, որ կ’անցնի, քանի հազար կամ միլիոն հոգի իրենց պատկերը կը սփռեն աշխարհով մէկ, պատկեր` փողոցը, ճաշի ժամանակ, լոգանքի պահուն, երբ ընկերուհին կը գրկէ… Աւստրալիոյ զարմուհին ինչո՞ւ պիտի հետաքրքրուի, թէ Շաղիկը կամ Շողիկը ի՛նչ շապիկ հագած է այսօր, կամ ո՛ր ճաշարանը գացած է Դաւիթին կամ Ճորճիկին հետ:

– Արդիականութիւն է,- ըսի:

– Արդիականութեան դէմ չեմ: Ինչո՞ւ Մարալը Լոս Անճելըս գտնուող դասընկերը կամ դասընկերուհին տեղեակ պիտի պահէ, որ ծովափ գացած է եւ լողազգեստով նկար ղրկէ, ըսէ, որ նոր շնիկ բերած են տուն եւ ղրկէ շան պատկերը` իրենց գիրկը: Հիւանդագին է: Բժշկական բառարան մը բա՛ց, հոն կը գտնես այս ցուցամոլիկութեան-ցուցադրականութեան մասին բացատրութիւններ, կ’իմանաս, որ exhibitioniste-ները ունին այլանդակ մղումներ եւ կը տառապին մտացածին պատկերներով, հոգեբուժի կը դիմեն դարմանուելու համար:

– Արմենա՛կ, ինչե՜ր կ’ըսես: Միլիոնները հոգեբո՞ւժի պիտի ղրկես:

– Մարդիկ հարսանիքի կ’երթան, փոխանակ ուրախ ժամեր անցընելու, սելֆիները շալկած` մէկէն միւսին կ’երթան, ապա անկիւն մը կը քաշուին պատկերասփռելու համար մոլորակի վրայ: Կը խորհի՞ն, որ կարեւոր կը դառնան կամ անմահութիւն կը նուաճեն:

Երբ կը խօսէինք, ծանօթի երիտասարդ աղջիկը իր սելֆին բռնած` մօտեցաւ մեզի:

– Պարո՛ն Արմենակ, կ’ուզեմ ձեզի հետ նկարուիլ եւ Լոսի ու Պուէնոս Այրեսի հօրեղբայրներուս ղրկել, անոնք ձեզ լաւ կը ճանչնան:

Ըսաւ, կանգնեցաւ Արմենակի կողքին, քանի մը քայլ անդին բռնած սելֆիով նկարուեցաւ: Արմենակ շարժում մը ըրաւ ծուռ խօսք մը ըսելու համար: Ոտքին կոխեցի: Ինծի նայեցաւ, մինչ այդ աղջիկը երիտասարդի մը հետ կը նկարուէր, հաւանօրէն իր ընկերոջ պիտի ղրկէր անոր նախանձը գրգռելու համար:

Արմենակ գլուխը օրօրեց եւ ինքնիրեն խօսեցաւ.

– Համակարգիչ եւ համացանց չե՞ն հիւանդանար, exhibitionisme-ի միլիառաւոր պատկերներով, ախտը դարմանելու համար առողջապահական նախարարութիւնները պիտի փակե՞ն անոր կայքերը, սելֆիները պիտի հաւաքե՞ն եւ բաժնե՞ն լոլիկ եւ լուբիա մշակողներուն, որպէսզի անոնցմով տունկերուն ճիւղերը կապեն:

Հանդարտեցնելու համար ըսի.

– Այլեւս անծանօթ-անկարեւոր մարդ չկայ: Բոլորին պատկերները եթերին մէջ են:

– Եթէ ամէն մարդ կարեւոր է, հազուագիւտ անկարեւորները իսկական կարեւորներ կը դառնան,- ըսաւ հնդկացած հայ կուրուն:

17 դեկտեմբեր 2018

Լիբանանահայ Երեք Երիտասարդներ Ստեղծած Են Հայերէն Երգերու Յատուկ App Մը

$
0
0

Որքան ուրախալի եւ ողջունելի է տեղեկանալ, որ աւելի քան 15 հազար երգեր արդէն մատչելի են համայն հայութեան, նաեւ` օտարներուն, մատի փոքրիկ շարժումով մը: Երգեր` հին ու նոր, տարբեր ոճի, բազմաթիւ արուեստագէտներու, որոնք նոյնիսկ սկսած են մոռացութեան գիրկը իյնալու դատապարտուիլ այսօր: Անհատներուն կողմէ եղած ազգային նպատակ հետապնդող ծրագիր մը, զոր վայելողներուն թիւը օրէ օր կ՛աճի:

Արդարեւ, լիբանանահայ երեք երիտասարդներ` Սարհատ Արիստակէսեան, Արազ Կիտանեան եւ Յարութ Արթինեան ստեղծած են մօտաւորապէս 15.000 հայերէն երգեր ընդգրկող յատուկ ծրագիր էփը` https://yerkerapp.com/download.html, որ արդէն իսկ կը գործէ եւ հասանելի է բոլորին:

Այս ծրագիրով, արդի արհեստագիտական միջոցներով նորահաս սերունդին կը ներկայացուին հայերէն երգեր,  որոնց թուաքանակը հաւանաբար շուտով բազմանայ:

Հայերէն երգերու այս ծրագիրը միջոց մըն է հայ երգի եւ երաժշտութեան տարածման: Անոր նպատակն է 1900-ականներու սկիզբէն մինչեւ 2019 թուականը երկարող ժամանակամիջոցին տարածուած հայկական երգերը համատեղելով` հայկական մշակոյթը պահպանել եւ տարածել:

Ծրագիրը իրականացուցած երեք երիտասարդները իրենց ամէնօրեայ աշխատանքներուն եւ ուսման կողքին, տարած են ծրագիրը պատրաստելու դժուար աշխատանքը: Պատրաստութեան ընթացքին եղած են դժուարութիւններ, որոնք յաղթահարուած են երիտասարդներուն կողմէ:

Օտար շրջանակներու մէջ ալ տարածում գտած է ծրագիրը:

Ըստ երիտասարդներուն, ծրագիրը բարելաւելու եւ անոր մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու բոլոր կարծիքները եւ առաջարկները նկատի պիտի առնուին:

Նիւթական շահ չի հետապնդեր ծրագիրը, փաստօրէն անվճար է, բայց յառաջիկային առիթ պիտի տրուի ծանուցումներ տեղադրելու անոր էջին վրայ:

Իսկական երջանկութիւն մը` բոլոր արուեստասէրներուն համար, ո՛ւր ալ գտնուին, մանաւանդ որ երիտասարդները ստեղծած են նաեւ լաւագոյն երգերու հաւաքածոներ, նորերու եւ հիներու միախառնումով ծնունդ առած ցանկեր, մանկական, հեղինակային, ազգային-յեղափոխական, ճոխ, հանդարտ, տարբեր առիթներու եւ ոճի նուիրուած երգացանկեր, որոնք մատի հպումով մը անհատը կը տեղափոխեն տարբեր ժամանակներ, անոր կը պարգեւեն իր փափաքին համազօր տրամադրութիւն եւ մթնոլորտ:

Շնորհակալութիւն` այս նախաձեռնութեան համար, յուսով ենք, որ Սարհատին, Արազին եւ Յարութին նեցուկ կանգնողներուն թիւը քիչ չ՛ըլլար, որպէսզի անոնք կարենան աւելի ընդարձակել իրենց ծրագիրը:

 

Ուխտի Ճանապարհներ Այց` Կոմիտասի Անուան Պանթէոն (Բ) (Յուշապատի Մէջ Թաղուած Պետրոս Դուրեանի Աճիւնասափորն Ու Հողը)

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Կոմիտասի անուան պանթէոն այցելութեանս ընթացքին 47 շիրիմներու առջեւ խոնարհած եմ ու հիմա յատկապէս կ՛ուզեմ խօսքս առանձնացնել պանթէոնի յուշապատի մէջ ամփոփուած վաղամեռիկ բանաստեղծ  Պետրոս  Դուրեանի  զմռսուած գանկոսկրին մասին. հետաքրքրութենէ դրդուած` հայրենի կայքէջերէն տեղեկացած էի հետեւեալը.

«Ստեփան Ոսկեան` պոլսահայ համայնքին մօտաւոր անցեալի անմոռանալի անուններէն մէկը, պատմած է, որ 1957-ին, երբ թրքական իշխանութիւնները որոշած են, որ Սկիւտարի գերեզմանատան տարածքով նոր մայրուղի անցնի, առջեւի շարքի շիրիմները  տեղափոխած են աւելի խորերը: Պետրոս Դուրեանի առաջին կարգին վրայ գտնուող գերեզմանէն դուրս կը հանուին ոսկորները ու կ՛ամփոփուին մաքուր տոպրակի մը մէջ, կրկին խնամքով թաղուելու համար:

Ոսկեան այս աշխատանքի ժամանակ բանուորի մը ձեռքին կը նկատէ գանկը, զոր կ՛առնէ ու ցոյց տալով ժամանակուան պատրիարքին` Գարեգին արք. Խաչատուրեանին (որ ներկայ է ու կը հետեւի սիրելի ուսուցչին` Եղիշէ արք. Դուրեանի պարագաներու մասունքներու տեղափոխման աշխատանքին), կ՛առաջարկէ` «Այս գանկը փոխանակ փոսին մէջ լքեալ փոշիացնելու», յաւերժացնել` նուիրելով Ս. Խաչ դպրեվանքի գրադարանին, որպէսզի նոր սերունդը ունենայ «շօշափելի փառասիրական պարծանքը իր հոգեկան աշխարհին մէջ»:

«Պսա՛կ ընդունելի գտայ խոհուն բաղձանքդ…», կը պատասխանէ ալեհեր պատրիարքը ու իր մօտ կանգնած բարապանին` Կարպիսին կը պատուիրէ գանկը թանկագին մասունքի մը նման պահել մեծ զգուշաւորութեամբ: Գանկը կը դրուի տուփի մը մէջ եւ սակայն, Ս. Խաչ դպրեվանքի փոխարէն, կը տարուի պատրիարքարան:

Դուրեանի գանկը երկար ժամանակ մոռացութեան կը մատնուի: 1961-ին կը վախճանի Գարեգին արք. Խաչատուրեան պատրիարքը, նոյն թուականին կը գահակալէ Շնորհք արք. Գալուստեանը: Գանկը այդպէս ալ կորստեան մատնուէր թերեւս, եթէ օր մը Թեհրանէն Պոլիս չժամանէր լուսանկարիչ, լրագրող Վարդգէս Տէր Յարութիւնեանը, որ յօդուածաշարք մը կը պատրաստէր վաղամեռիկ բանաստեղծներու մասին: Ստեփան Ոսկեանը հիւրին կը պատմէ Պետրոս Դուրեանի գանկին պատմութիւնը:

Անոնք անմիջապէս կը փութան պատրիարքարան, կը ներկայանան պատրիարքին, որուն արտօնութիւնը կը խնդրեն գանկի լուսանկարման համար: Այդ պահուն ալ յայտնի կը դառնայ, որ պատրիարքը անտեղեակ է նման մասունքի մը գոյութենէն իսկ: Նիւթին իրազեկ դառնալէ ետք կ՛արտօնէ լուսանկարել ու կը խոստանայ պարտն ու պատշաճը խորհիլ յառաջիկային:

Աւանդապահ բարապանը` Կարպիս, բարեբախտաբար զգուշութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պահած էր իրեն յանձնուած թանկագին մասունքը, զոր կը բերէ ու կը դնէ լուսանկարիչին հետաքրքիր աչքերուն ու գործիքին առջեւ: Լուսանկարելէ ետք գանկը կրկին խնամքով եւ անվտանգ կը զետեղեն տուփին մէջ:

Եւ օր մըն ալ, 1969-ին, օգտագործելով Էջմիածին մեկնելու անհրաժեշտութիւնը, պատրիարքը կ՛որոշէ Դուրեանի գանկը ծածկաբար  տեղափոխել Հայաստան: Աւելորդ անախորժութիւններէ խուսափելու համար զգուշաւոր պատրիարքը գանկը թաքցուցած էր իր սքեմի տակ եւ այդպէս անցած սահմանը: Ան բանաստեղծին գանկը կը յանձնէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Առաջինին` ի տնօրինութիւն: Վերջինս ալ կը յանձնէ զայն Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին:

Այդպէս, Սկիւտարի գերեզմանատունէն դէպի Երեւանի Արամի փողոցին վրայ գտնուող թանգարանը երկարող ուղին աներեւակայելիօրէն երկար էր գանկի մը համար, որ ԺԹ. դարուն ապրած ուղեղ մը կրած է իր մէջ:

2011-ին թանգարանը կը դիմէ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան` մասունքը Կոմիտասի անուան պանթէոնի մէջ ամփոփելու համար: Այսպէս, նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանի, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Գրողներու միութեան, Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի, մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համատեղ քննարկումներէն ետք կ՛որոշուի  Պետրոս Դուրեանի մասունքն ամփոփել Երեւանի  Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնի յուշապատին մէջ:

Այսպէս, 2 փետրուար  2012-ին Պ. Դուրեանի յիշատակի յաւերժացման արարողութիւնը կը կատարուի իր մահուան 112-րդ տարելիցին առիթով: Արարողութեան համար Պոլսոյ Սկիւտարի հայոց գերեզմանատունէն վաղամեռիկ բանաստեղծի շիրիմէն բերուած  էր հող եւ  Դուրեանի մասունքը` հողի հետ խառնուած. այդ բոլորը սափորով կ՛ամփոփուին պանթէոնի յուշապատին մէջ:

Գանկի ոսկորներու մասին կարդացի, որ  անոնք փշրուած էին,  կը բացակայէր աջ այտի աղեղը, աջ այտոսկրի ճակատային ելունը, աջ կողմնաոսկրէն եւ ծոծրակոսկրէն  մասեր, պահպանուած է 20 ատամ, ձախ ճակատոսկրի վրայ սուր գործիքէ առաջացած ակօսաւոր վնասուածք, որ թափանցած է ոսկորի սպունգանման շերտը, 2 սմ երկարութեամբ (հաւանաբար դամբարանը փորելու ժամանակ բրիչի հարուածէ փշրուեր է գանկը)®

Գանկը վերէն հնգանկիւնաձեւ, դէպի ծոծրակը լայնացող հաւկիթի տեսքով, ճակատը բարձր, թմբերը` թոյլ զարգացած, ունքամէջը հարթ, վերունքային աղեղները` միջին բարձրութեան, պտկաձև ելունները` միջակ, ձախ ելունի վրայ` բազմաթիւ անցքեր, որոնք կը վկայեն, որ կենդանի ժամանակ Դուրեանը ունեցած է միջին ականջի բորբոքում, հաւանաբար` հիւծախտային ծագմամբ, եւ բորբոքումը տարածուած է ոսկորի վերադիր հիւսուածքներու մէջ»:

 

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հայաստան-Սփիւռք Յարաբերութիւններ

$
0
0

Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման որոշումը տարօրինակ թուեցաւ շատերուն, յատկապէս` սփիւռքահայերուն, որովհետեւ Հայաստանի ներկայ զարգացումներուն հետեւելով` սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւնները նոր որակի բարձրացնելու ռազմավարութեան մը որդեգրումը կ՛ակնկալէինք` անկախ ձեւականութիւններէն, այս յարաբերութիւնները զուտ տնտեսական կամ զբօսաշրջութեան շահերու դիտանկիւնէ ըմբռնողներու հայեցակէտերէն, համահայկական ժողովներէն, հանդիսութիւններէն եւ այլն:

Հաւանաբար նախարարութիւնը չեղեալ համարելու  քայլը արդիւնք էր նախորդ տարիներուն սփիւռքի նախարարութեան  գործառոյթներուն մէջ յստակ ռազմավարութեան մը բացակայութեան կամ իրականացած ձեռնարկներուն յարաբերական եւ համահայկական հնչեղութեան իմաստով կեցուածքներու, մօտեցումներու մերձեցման ծառայելուն մէկտեղ, գործնական, շօշափելի արդիւնքներու բացակայութեան:

Այո՛, համահայկական հարցերու քննարկման եւ միացեալ որոշումներու կայացումին համար այլ հարթակներ կարելի է օգտագործել եւ նուազ ծախսալից միջոցներ որդեգրել, սակայն սփիւռքի եւ հայրենիքի կարելիութիւններուն համընդհանուր օգտագործման համար յստակ ռազմավարութիւն, մտաւորական, տնտեսական կարելիութիւններ եւ մարդուժ պէտք է տրամադրել: Այս բոլորը իրականացնելու համար փոխգործակցութեան նպատակային ծրագիր ունենալու ենք բնականաբար: Ծրագիր մը, ուր արձանագրուած ըլլան իւրաքանչիւր կողմին կարելիութիւնները, աշխատանքային դաշտին տարածքը, օգտագործելի լծակները եւ այլն:

Այսօր, անկախութենէն  քառորդ դար ետք, տակաւին կը նշմարենք սփիւռք-հայրենիք փոխադարձ ճանաչողութեան հսկայ բաց մը, փոխադարձ կարելիութիւններու արժեւորման թերի գնահատում մը:

Հայրենակեդրոն կամ սփիւռքակեդրոն գործունէութեան կոչերէն անդին` անհրաժեշտ է նախ լաւապէս ըմբռնել իւրաքանչիւրին էութիւնը, բազում կարելիութիւնները, դիմագրաւած դժուարութիւնները, պահանջներն ու գոյութեան իմաստն ու կարեւորութիւնը համահայկական ընդհանուր պատկերին մէջ:

Աւանդական սփիւռքը, օրինակ, երբ կը պայքարի ոչ միայն իր գոյութիւնը, այլեւ ողջ արեւմտահայ մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը պահելու եւ սերունդէ սերունդ փոխանցելու համար, հսկայ աշխատանք ունի տանելու: Իսկ այս աշխատանքին սատարելը ո՛չ դասագիրքերու փոխանակումով կ՛իրականանայ, ո՛չ ալ ժողովներով կամ ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներով: Անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ նպատակային քաղաքականութիւն մշակել, այդ ուղղութեամբ միացեալ ռազմավարութիւն որդեգրել եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի ձեռնարկել: Ասիկա օրինակ մըն է միայն: Այս առումով, ի՞նչ կատարուած է մինչեւ հիմա:

Միւս կողմէ` Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական շահերուն սատար հանդիսանալու ինչպիսի՞ քաղաքականութիւն որդեգրած է սփիւռքը` ընդհանուր առմամբ, անկախ աւանդական կուսակցութիւններու տարած ողջունելի աշխատանքէն, Հայ դատի գրասենեակներուն օգտագործած քաղաքական լծակներէն, անհատ բարերարներու ժամանակաւոր ներդրումներէն: Սփիւռքը իր կարելիութիւններուն քանի՞ առ հարիւրը օգտագործած է այս նպատակին ծառայելու համար: Որքանո՞վ յաջողած են «Դէպի Երկիր» կամ «Հայրենադարձութիւն» կարգախօսերը, ինչպիսի՞ քաղաքական, տնտեսական օգտագործելի լծակներ ունի սփիւռքը եւ որքանո՞վ օգտագործած է զանոնք: Տակաւին չենք խօսիր ոչ աւանդական սփիւռքին, անոր կարելիութիւններուն մասին:

Պարզ հաշուարկով մը, երկպալատ խորհրդարան ունենալով, Հայաստանի մէջ սփիւռքահայութեան իրաւական ներկայութիւնը ամրագրելով, սփիւռքի կառոյցներուն հետ փոխադարձ յարաբերութիւններուն նոր որակ հաղորդելով եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի ռազմավարութիւն մը ճշդելով սփիւռքի նախարարութիւնը կարելի է վերածել շարժիչ ուժի, փոխշահաւէտ ծրագիրներ իրականացնող գործարանի մը իրողապէս: Գործարան մը, որ ոչ թէ տնտեսական բեռ պիտի ըլլայ պետական պիւտճէին, այլ` արդիւնաւէտ ու հասոյթ ապահովող գերատեսչութիւն մը, ուր պիտի հանդիպին` գործարարն ու քաղաքական գործիչը, մտաւորականն ու կրթական մշակը, կրօնաւորն ու գիտնականը, եւ այս բոլորին հաւաքական աշխատանքին, գործակցութեան շնորհիւ պիտի արդիւնաւորուի սփիւռքի նախարարութիւնը:

Հսկայ սփիւռք ունեցող երկիր մը, այլապէս, չի կրնար երկրորդական համարել կամ ձեւական չափորոշիչներով կառավարել սփիւռք-հայրենիք գործակցութեան զգայուն դաշտը:

«Գ.»

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. Յեղափոխութիւնը Կլանեց Սփիւռքի Նախարարութիւնը

$
0
0

Ըստ վերջին լուրերուն, խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն ետք նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ պիտի ջնջուի սփիւռքի նախարարութիւնը, նոյնպէս` մշակոյթի նախարարութիւնը: Բազմաթիւ հակազդեցութիւններ հրապարակուեցան սփիւռքի նախարարութեան անհետացումին վերաբերեալ: Եթէ շատեր կը քննադատէին նախարարութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը, քիչեր կը դժգոհէին անոր գոյութենէն: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը հարցականի տակ առաւ այդ գոյութիւնը:

Արդարեւ, նախքան խորհրդարանական ընտրութիւնները, սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, Վահէ Սահակեանի հետ գործակցաբար, հրապարակեց սփիւռքի քաղաքականութեան ռազմավարութեան նախագիծ մը, որ միաժամանակ նկատի առած է սփիւռքէն չորս մտաւորականներու` Խաչիկ Թէօլէօլեանի, Ռազմիկ Փանոսեանի, Արա Սանճեանի եւ Հրաչ Չիլինկիրեանի խորհուրդները: Սակայն, շատ պարզ է, որ արդէն երկար ժամանակէ ի վեր Նիկոլ Փաշինեան յստակ պատկերացում մը ունէր սփիւռքի հետ հետագայ յարաբերութիւնները մշակելու եւ զարգացնելու վերաբերեալ:

Մնալով յեղափոխութեան առանցքին վրայ` Փաշինեան կը մեկնի հիմնական հետեւեալ տեսակէտէն, որ հայաստանցին, Հայաստան ապրելով հանդերձ, վերածուած է սփիւռքահայու` անոր մէջ կոտրած ըլլալով յոյսը ապագային հանդէպ: Հետեւաբար հարկ է, որ Հայաստանի քաղաքացին դառնայ տէրը իր երկրին եւ նոյն տրամաբանութեամբ ալ` սփիւռքահայը: Փաշինեան բազմիցս արտայայտած է այն կարծիքը, որ ջնջուած է Հայաստանը եւ սփիւռքը սահմանազատող անջրպետը, քանի որ սփիւռքահայը ունի կամ պիտի ունենայ այն նոյն հնարաւորութիւնը, որ ունի հայաստանցին: Պարզապէս Հայաստանի եւ սփիւռքի սահմանները ջնջուած են: Բոլոր սփիւռքահայերը կ՛ընկալուին արտագաղթած Հայաստանի քաղաքացիներ:

Փաշինեան նման կարծիք յայտնած էր Փարիզ այցելութեան ընթացքին, երբ համայնքին հետ հանդիպումի ատեն ան ներկաներուն դիմեց` իբրեւ Հայաստանի հպարտ քաղաքացիներ: Եւ երկարօրէն հիմնաւորեց հանրութեան դիմելու իր այս ձեւը` ըսելով, որ սփիւռքահայը սփիւռքէն մասնակցեցաւ Հայաստանի մէջ յեղափոխական շարժումին նոյնքան, որքան` Հայաստանի ժողովուրդը, գիշեր-ցերեկ հետեւելով անցուդարձերուն, հոգեպէս գօտեպնդելով ժողովրդական շարժումը, հեռակայ ձեւով իր զօրակցութիւնը յայտնելով, սփիւռքի մէջ վերագտնելով իր հայ քաղաքացիի ապրումները:

Մնալով Փաշինեանի պատկերացումներու սահմանին մէջ, այո՛, կարելի է համաձայնիլ իրեն հետ, որ արտագաղթած Հայաստանի քաղաքացին պէտք չունի սփիւռքի նախարարութեան: Անոր մէջ Հայաստանի հետ կապը կը մնայ պորտային, օրկանական: Թէեւ արտասահման ծնած երկրորդ սերունդը արդէն բոլորովին կը տարբերի գաղթական սերունդէն: Եւ ո՜ւր մնաց արեւմտահայ սփիւռքահայը, որ ընկերամշակութային, լեզուական եւ ընտանեկան հսկայական տարբերութիւններու տէր է:

Յեղափոխութեան տրամաբանութեան մէջ մնալով` Փաշինեան կ՛ապաւինի հայութեան մէջ ներուժի արթնութեան, կը հաւատայ յեղափոխութիւն կատարած ժողովուրդին ներուժին վարակիչ յատկութեան: Սփիւռքը կը դիտէ յեղափոխութեան ակնոցով, մէկ պարունակի մէջ, առանց սահմանազատելու աւանդական սփիւռքն ու սփիւռքացումի ենթակայ գաղթականները:

Յեղափոխութեան տրամաբանութիւնը կը մնայ հայաստանակեդրոն: Ան հեռու է սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հրապարակած ռազմավարական նախագիծին տրամաբանութենէն: Ներկայ դրութեամբ Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարժի Փաշինեանի պատկերացումներով: Օրը կու գայ, երբ քաղաքական իրականութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ նոր հրամայականներով:

Այլապէս, ինչպէս որ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը կատարուեցաւ առանց սփիւռքահայութեան կարծիքը առնելու` նոյնպէս անոր անհետացումը կը կատարուի զանցելով այդ քայլը:

Ժ. Չ.

Ցայգալոյս. Աւելի՛ Կենսունակ, Աւելի՛ Զօրաւոր

$
0
0

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Կը գտնուինք ՀՅԴ ԼԳ. Ընդհանուր ժողովի սեմին: Յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին հայկական հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը ամբողջականօրէն սեւեռուած պիտի ըլլայ Դաշնակցութեան բարձրագոյն ժողովին վրայ, որ կը ներկայացնէ կուսակցութեան կամքը: ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովին պատգամաւորները կոչուած են առարկայականօրէն, պատմութեան առջեւ մեծագոյն պատասխանատուութեան զգացումով ու 128-ամեայ երթը շարունակելու լրջութեամբ քննելու նախորդ քառամեակին կուսակցութեան թէ հայ ազգային կեանքին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումները եւ բացթողումները, բայց` առարկայական ու անաչառ գնահատականը ներկայացնելէ ետք անցնող ժամանակաշրջանին. անոնք կոչուած են ճշդելու նաեւ յաջորդ չորս տարիներուն համար կուսակցութեան որդեգրելիք նոր ռազմավարութիւնը:

Ընդհանուր ժողովը պիտի գայ ճշդելու կուսակցութեան նոր ընելիքը` ամբողջութեամբ նոր պայմաններու մէջ, այս նոր պայմաններն ալ կ՛ենթադրեն ամբողջութեամբ նոր գործելաձեւ: Նոր կացութիւնը գլխաւորաբար պայմանաւորուած է նախորդ տարուան ապրիլ-մայիս ամիսներուն Հայաստանի մէջ ծաւալած թաւշեայ յեղափոխութեան յառաջացուցած փոփոխութիւններով եւ 9 դեկտեմբեր 2018-ին տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններով, որոնց արդիւնքներուն հիման վրայ ալ, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով,  ՀՅ Դաշնակցութիւնը դուրս կը մնայ Հայաստանի Ազգային ժողովէն:

Ուրեմն, Ընդհանուր ժողովը պիտի գայ ստեղծուած այս նոր կացութեան համար պատասխաններ գտնելու: Պատասխաններ, որոնց ուրուագծման նախանշանները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են գետնի վրայ: Դաշնակցութիւնը յառաջիկայ փուլին, յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ընթացքին պիտի ըլլայ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժ, եւ ըստ այնմ, այդ հանգամանքով պիտի ներկայանայ ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր իշխանութիւններուն, ե՛ւ հանրութեան:

Սփիւռքի պարագային ալ նոր կացութիւններ ստեղծուած են: Միջին Արեւելքի մէջ հայութիւնը օրէ օր կը կորսնցնէ իր դիրքերը` մնայուն արտագաղթին եւ Սուրիոյ տագնապին առթած բազում դժուարութիւններուն պատճառով: Արեւմտեան հայագաղութներուն մէջ ալ կացութիւնը երբեք յուսալի չէ, ուծացումը, ձուլումը գլուխ առած ու գացած են, նահանջը ամէն քայլափոխի կը զգացնէ ինքզինք` երգով թէ առանց երգի:

Ուրեմն հոս, այս մակարդակին վրայ ալ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը ըսելիք ունի, եւ ակնկալութիւնները շատ մեծ են անկէ: Իբրեւ Հայ դատը իր հիմնական ընելիքներէն մէկը դարձուցած կուսակցութիւն` ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս` նախորդ տասնամեակներուն, նոյնպէս ալ ներկայիս իր ընդհանուր ռազմավարութիւններուն մէջ չէր կրնար եւ չի կրնար անտեսել հայաստանամերձ հայագաղութները` իբրեւ ազգային Դատի հետապնդման հիմնական կռուաններ: Հետեւաբար ալ միջինարեւելեան հայագաղութներուն վերակենսունակացումը, վերաշխուժացումը, վերաթարմացումը բոլոր մարզերուն մէջ կը ներկայանայ իբրեւ յոյժ կարեւոր առաքելութիւն: Իսկ Միջին Արեւելքէն դուրս գտնուող հայագաղութներուն պարագա՞ն: Յստակ է, որ գործ ունինք բաւական ընդարձակ, անորոշ ու բարդ հասկացողութեան մը հետ, որուն հետ դժբախտաբար չենք կրցած վարուիլ պէտք եղած լրջութեամբ` անցնող տասնամեակներուն ընթացքին: Մէկ կողմէ կայ աւանդական սփիւռքը, որ յայտնի է իր դասական կազմակերպական կառուցուածքով` ազգային կուսակցութիւններ, եկեղեցի եւ այլն, եւ որ ապահայկականանալու շատ մեծ վտանգի առջեւ կանգնած է, միւս կողմէ` կայ նոր սփիւռքի հասկացողութիւնը. այս նոր սփիւռքը ինքնըստինքեան անկազմակերպ մեծ քաոս մը կը ներկայացնէ, քաոս մը, որ կոչուած է աւելի արագ կշռոյթով ապահայկականանալու, քան` դասական սփիւռքը:

Երկու պարագաներուն ալ հայ քաղաքական մտքին առջեւ դրուած է անմիջական մարտահրաւէր` 21-րդ դարուն համահունչ ոգիով վերակազմակերպելու հայկական սփիւռքը, գոյութիւն ունեցող քաոսին տալու յստակ դիմագիծ, այն հայագաղութներուն մէջ, ուր կառոյցներ չկան, ստեղծելու կառոյցներ: Եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը` իբրեւ հայ քաղաքական միտքի յառաջատար ուժ, պարտի ձեռնոցը աւելի մեծ վճռակամութեամբ վերցնել:

Դիւրին մարտահրաւէր մը չէ ասիկա երբեք: Կապ ունի ազգի համրանքին երկու երրորդին հետ, որ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով եւ հետագայ տասնամեակներուն զանազան ուրիշ, մանաւանդ ընկերային-տնտեսական պատճառներով հայրենիքէն դուրս կ՛ապրի: Այս հսկայական համրանքին տիրութիւն ընելու, անոր քաղաքական ուղղուածութիւն տալու, զայն քաղաքականացնելու խնդիրին առջեւ կը գտնուինք մենք հիմա, եւ սփիւռքի կազմակերպման այս ընթացքը վստահաբար շատ մեծ ճիգեր պահանջող աշխատանք է:

Ինչո՞ւ վերակազմակերպում եւ անկազմակերպ հայագաղութներու` կազմակերպման կառոյցներով օժտուած, վասն ինչի՞: Մենք ազատ ու անկախ հայրենիք ունինք: Սփիւռքի հայագաղութներու վերաշխուժացումը, վերաթարմացումը, անկազմակերպ գաղութներու կազմակերպումը նախ եւ առաջ կը նպաստէ աշխարհով մէկ տարտղնուած ազգային ներուժի հաւաքագրման, ներուժ մը, որ իր կարգին պարտի ծառայեցուիլ մեր ազատ եւ անկախ հայրենիքի հզօրացման եւ անոր դիրքերուն արմապնդումին, անկախ անկէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ինչպիսի՛ իշխանութիւններ կը տիրեն:

Ըսինք արդէն` ՀՅ Դաշնակցութեան ԼԳ. Ընդհանուր ժողովէն մեծ ակնկալիքներ կան: Կան եւ պէտք է ըլլան հսկայական ակնկալիքներ յառաջիկայ փուլին Հայ դատը եւ հայ ազգային պահանջատիրութիւնը առջեւ տանելու, հատուցման թղթածրարը առջեւ տանելու իմաստով: Վերը արդէն հպանցիկ ակնարկեցինք ներհայաստանեան քաղաքական օրակարգին: Վստահաբար, հաշուի առնելով նոր կացութիւնները, Դաշնակցութիւնը յառաջիկայ փուլին համար կը վերահաստատէ իր սկզբունքային դիրքորոշումները` պայքարելու հայրենիքի մէջ յանուն ընկերային արդարութեան եւ հաւասարութեան, մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման, եկամուտներու աւելի արդար բաշխման եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման:

Ժամանակն է: Ժամանակն է ամուր պահելով ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական աւանդները, կառչելով անոնց` միաժամանակ վերանորոգ շունչով նոր էջ մը բանալու: Ըլլալու հայրենաբնակ թէ սփիւռքացած մեր ժողովուրդին ու անոր պահանջներուն կողքին, մեր ծրագիրները եւ ընելիքները բխեցնելու այդ պահանջներէն: Բայց նաեւ ժամանակն է,  ժամանակն է, որ հայրենաբնակ թէ սփիւռքացած մեր ժողովուրդը տեսնէ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական ամբողջ փայլքը, տեսնէ գաղափարական եւ քաղաքական այն ուժը, որուն գործունէութեան առանցքը ամբողջական հայրենիքն է` ամբողջացած ազգով, ինչպէս նաեւ` շօշափելի կերպով զգալու այս կուսակցութեան ազգային, յեղափոխական, ընկերվարական եւ ժողովրդավարական էութիւնը, զգալու, որ այս կուսակցութիւնը որեւէ զոհողութեան առջեւ կանգ չ՛առներ` հասնելու համար ազգային իղձերու կենսագործումին:

Եւ ուրեմն, վերանորոգուած, աւելի կենսունակ, աւելի զօրաւոր, մեր ժողովուրդի տաք շունչը` մեր թիկունքին, մեր ձեռքերն ալ` ժողովուրդի բազկերակին:

 

 

2019. Ուժեղ Լիբանանահայութեան Վերաթարմացում. Կրթական-Ընկերային-Առողջապահական Ներդրում (Դ. Եւ Վերջ)

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Լիբանանի նման տագնապահար երկրի մը մէջ, ուր հսկայական են ընկերային, կենցաղային, կրթական եւ առողջապահական խնդիրները, ուր պետութիւնը իր կառոյցներով, փտածութեան եւ համայնքային շահագործումի առաջնահերթութիւններով շատ յաճախ դէմ կը դնէ քաղաքացին արժանապատուութեան վիրաւորանքի, անտեղի տագնապներու, տառապանքի, թշուառութեան, անկարողութեան, զանազան դռներ բախելու հարկադրանքին, ու այդ հարկադրանքէն բխող ենթարկուածութեան, ազատ կամքի կաշկանդումի եւ այլ ժխտական երեւոյթներու, որոնք կը հարուածեն անձը, ընտանիքը եւ ընկերութիւնը առհասարակ:

Պետական արժանապատիւ ծառայութիւններու, քաղաքացիին տարրական իրաւունքներն իսկ անտեսող անտարբերութեան ի տես, համայնքներ իրենք ստանձնած են լեցնել պարապութիւնը, ստանձնել պետութեան պարտաւորութիւնը եղող ծառայութիւններ եւ գէթ որոշ չափով հասնիլ կարիքին եւ բարւոքել քաղաքացիին կեանքը:

Լիբանանի հայութիւնը հսկայական կենսափորձ ունի այս մարզին մէջ: Նոյնիսկ Ցեղասպանութենէն առաջ Լիբանանի մէջ ապրող հայերը իւրայատուկ ձեւով հասած են իրենց հայրենակիցներուն ու այդ ձեւով հիմը դրած են աւելի ծաւալուն աշխատանքի, երբ գաղթականութեան հետ բազմապատկուած են կարիքները եւ հաստատուած ծառայական նոր կառոյցներ:

Լիբանանի հայութեան իրերօգնութեան օրինակը նախանձելի է եւ վարակիչ:

Կրթական, առողջապահական, ընկերային, որբախնամի, ժողովրդային բնակարաններու, բարեսիրական, մարմնամարզի, մշակոյթի, պետական կարիքներու բաւարարման, կենցաղային օժանդակութեան, մինչեւ իսկ ներհայկական վէճերու հարթման մարզերը կը շարունակեն մնալ մեր համայնքին մէջ գործող բազում կառոյցներու, կազմակերպութիւններու, միութիւններու, խմբակներու եւ անհատներու գուրգուրանքի առարկան:

Ու այս բոլորը` անկասկած մարդասիրական բնատուր մղումով, բայց միաժամանակ թիրախ ունենալով հայը հայ պահելու, հայ մարդու ինքնութիւնը ամրապնդելու եւ լիբանանահայութիւնը ամուր, կենդանի եւ զարգացող պահելու վճռակամութիւնը, որ աներկբայօրէն կը զօրացնէ մեր համանքի քաղաքական ներուժը եւ լիբանանեան կեանքին մէջ անհրաժեշտ դերակատարութիւնը:

Դժբախտաբար սակայն, տարբեր ժամանակներու ընթացքին Լիբանանին հասած հարուածները, մեր թիւի անկումը, մարդուժի պակասը, երկրի տնտեսական տագնապը, անգործութիւնն ու ընկերահոգեբանական ընդհանուր վիճակը այսօր աւելի քան երբեք անհամեմատ կերպով մէկ կողմէ բարձրացուցած է կարիքի ու կարիքաւորներու համեմատութիւնը եւ միւս կողմէ հակառակ թափուող գնահատելի ճիգերուն աստիճանաբար նուազեցուցած  է այդ կարիքներուն գոհացում տալու կարելիութիւնները:

Կրնայ տակաւին ահազանգային չըլլալ վիճակը:

Բայց անհրաժեշտ վերանայում մը այս մարզին մէջ մեր ընդհանուր իրականութեան աւելիով կը նպաստէ մեր աշխատանքին, աւելիով կը թիրախաւորէ զայն եւ ապագային համար նոր կարողականութիւն կրնայ ծաւալել:

Կրթական մարզը բնականաբար կը գրաւէ առաջնակարգ դիրք: Յարանուանական թէ այլ հայկական վարժարաններ չեն կրնար զերծ մնալ լիբանանեան դպրոցներու ընդհանուր տագնապէն: Մեր հարցը լիբանանեանին կողքին էապէս նաեւ ազգային է, հայապահպանման խնդիր է ու ռազմավարական հարց: 2019-ը առիթ մը պէտք է ըլլայ համահայկական առումով քննարկելու այս խնդիրը` հեռու անհատական, յարանուանական կամ գաղափարական մթնոլորտէ, հեռու անտեղի եւ ժամանակաւոր մրցակցութենէ, հեռու աշակերտաորսի առեւտրական մօտեցումէն: Որեւէ հայ դպրոցի հասած վնասը վնաս է կրթական համակարգին, վնաս է համայն լիբանանահայութեան:

Ընկերային-առողջապահական մարզը նուազ կարեւոր բնագաւառ չէ, որուն ինչքան կարիքը ունի լիբանանցի հայ քաղաքացին: Իսկապէս շնորհակալ գործ կը կատարեն մեր գաղութին մէջ գործող  ընկերային բարեսիրական ու մասնագիտութեան հասնող բոլոր կառոյցները: Կամաւոր կերպով միութիւններու մէջ պարտականութիւն ստանձնած բոլոր հայրենակիցներն ալ իրենց սրտէն ու նիւթականէն կու տան կարիքաւորներուն: Անհատ բարերարներ անմասն չեն մնար հասնելու կարիքաւորներուն: Ատենն է սակայն, որ այս ոլորտը եւս վերանայումի ենթարկուի, ճշդուին առաջնահերթութիւնները, խնայուին գործի խաչաձեւումները, աւելիով արդիականանան մօտեցումները: Այլ խօսքով, հասնինք հոն, որ 2019-ին սկսինք լրջօրէն մտածել հայկական հիւանդանոցի մը հաստատման, տագնապահար հայ պատանիներու, երիտասարդներու եւ կիներու խնամատար կառոյցի մը, կարիքաւորներու հասնելու, իրենց կարիքները քննելու եւ գոհացնելու ընդհանրական համակարգի մը ստեղծման:

Այս բոլորը, որպէսզի աստիճանաբար կարենանք բարելաւել Լիբանանի հայ քաղաքացիներու կենսամակարդակը, կենցաղային պայմանները, բարձրացնենք անոնց ազատ կամքի արժանապատուութիւնը եւ մեր գաղութը օժտենք նոր հեռանկարներով:

Դարձեալ յիշենք ու կրկնենք միշտ, այս ու մեր նախորդ յօդուածներով արտայայտած գաղափարներու գործնականացումը Լիբանանի համայն հայութեան, իր բաղկացուցիչ տարրերու ընդհանրական գործակցութեան կարիքը ունի:

Հաւաքական ճիգով միայն կարելի է հաւաքական բարիք ապահովել:

Ուժեղ լիբանանահայութեան վերաթարմացման համար 2019-ը թող ըլլայ մասնատուած աշխատանքէ հաւաքական աշխատանքի ոստում, ծրագրումի տարի եւ նոր հեռանկարներու մեկնակէտ:

Բոլորս միասնաբար,
Բոլորս բոլորիս համար:

 

 


Թաւշեայ Յեղափոխութեան Վարչապետը ` Գիրքի Հեղինակ. «Երկրի Հակառակ Կողմը» –Նիկոլ Փաշինեան

$
0
0

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Մանկութեանս կարդացած առաջին գիրքերէս` Ժիւլ Վեռնի «Աշխարհի շրջանը ութսուն օրուան մէջ» գիտաերեւակայական վէպին տպաւորութիւնը ապրեցայ Նիկոլ Փաշինեանի «Երկրի հակառակ կողմը» գիրքի ընթերցանութեան  ընթացքին: Թէեւ հեղինակը մուտքի ծանօթագրութեան մէջ յայտնած է, որ այս գիրքը պարբերաբար տպագրուած է «Հայկական ժամանակ» օրաթերթին մէջ, 2008 թուականի մարտի մէկի արիւնալի դէպքերէն ետք, երբ թաքստոցի մէջ կ՛ապրէր: Սակայն այս կացութեան անտեղեակ ընթերցողը կը յանգի նաեւ նոյն եզրակացութեան, երբ Փաշինեանի երեւակայութեան թռիչքը կը շօշափէ տասնեակ մը էջեր կարդալէ ետք:

Յառաջաբանին մէջ Նիկոլ Փաշինեան այս հատորը կը նուիրէ մարտի մէկի տասը նահատակներուն` հաստատելով, որ այդ օրը « Մեծ օր էր, մեծ խիզախութեան, մեծ վախկոտութեան, մեծ գիտակցութեան, մեծ ապօրինութեան, մեծ վերածննդի, մեծ անկման, մեծ սիրոյ, մեծ ատելութեան, արեան եւ արցունքի, աղօթքի եւ նզովքի: Մարտի մէկը ազատութեան, օրինականութեան, ապագայի բախումն էր ամենաթողութեան, ապօրինութեան, անցեալի հետ»:

Ճամբորդական գրասենեակի մը ծրագրումի մակարդակով եւ աշխարհագրական մակերեւոյթներու ճշգրտութեամբ, ան կը կատարէ իր շրջապտոյտը` օգտագործելով ցամաքային, ծովային եւ օդային փոխադրամիջոցներ, երբեմն ալ` հետիոտն հատելով վտանգաւոր տարածքներ, Վրաստանի մէջ իր կացութեան ծանօթներ` «- Դու թուրի՞սթ ես, թէ՞ յանցագործ» կ՛արտայայտուին, երբ իր ապրումները կ՛արտայայտէ Փարւանա լիճին մօտ:

«Երկրի հակառակ կողմը» անուանումի գաղափարն է` դուրս գալ Երեւանէն եւ վերադառնալ նոյն կէտին, երկրագունդի ճանապարհորդութեան կլոր շրջանակ մը կատարելէ ետք: Սերպիական անցագիր մը «Բոյան» անունով ձեռք կը բերէ մակեդոնացի բարեկամի մը շնորհիւ, որուն երբ կը յայտնէ իր ծրագիրը` «Չէ՛, քո ծալը հաստատ պակաս է» կ՛արտայայտուի ան:

Փաշինեանին գրիչը սահուն է` նման իր խօսելու կարողութեան, հոն կը հանդիպինք` համամարդկային ցաւերու, տագնապներու, զրկանքներու, ախտագին վիճակներու, տարբեր ժողովուրդներու մէջ եւ տարբեր երկնակամարներու տակ: Ան ունակութիւնը ունի բարեկամութիւններ եւ մտերմութիւններ հաստատելու իր իջեւանած վայրերուն մէջ:

Շրջապտոյտի ընթացքին իւրաքանչիւր երեւոյթի նկարագրութեան հետ կայ անոր վերլուծական բաժինը, ուր կը ստեղծուի հոգեկան կապը անցեալի եւ բնօրրանի հետ` հայրենիքի եւ հարազատներու կարօտը արտայայտող զգացումներով, որ յաճախ կ՛առթէ ընթերցողին յուզումը: Փաշինեան կը հաստատէ նաեւ իր համընդհանուր գիտելիքները եւ իր զարգացման բնագաւառները` պատմութեան, գրականութեան, արուեստներու եւ մշակութային ոլորտներու ներկայացումով:

Ժիւլվեռնեան երեւակայութեան տպաւորիչ պատում մըն է` Ճափոնցի  գիւտարարի մը հետ իր  հանդիպումը գիշերային զբօսավայրի մը մէջ: Իր գիւտարարութեան ընթացքին, պատահարի մը պատճառով մարդամեքենայ կազմող գիտնականը  գժտուած է կնոջը եւ շրջապատին հետ, ան  շաբաթավերջի արձակուրդէն վերադարձին` երկուշաբթի առաւօտուն գործատեղիին մէջ պատրաստած երեք մարդամեքենաներու կողքին, չորրորդ մը կը տեսնէ: Պատճառը` առաջին երկու մարդամեքենաները դիտած էին երրորդը կազմելու գործողութիւնը, գիտնականին բացակայութեան անոնք օգտագործելով մարդամեքենայ կազմող կտորները` ծնունդ կու տան չորրորդի մը:

Ճանապարհորդութիւնը նկարագրելու ընթացքին Փաշինեան լայն տեղ յատկացուցած է իր նախասիրութիւններէն մէկուն` քիմքի ճաշակին, որուն հաւատարիմ սիրահարը ըլլալու փաստերը  կու տան իր խոհարարական կարողութիւնները, հարազատ պատկերները` պատրաստութեան ձեւին, համի եւ բուրմունքի պատկերաւոր  նկարագրութեամբ, շարժելով նաեւ ընթերցողին ախորժակը, միշտ կապը ստեղծելով հայրենիքի խոհանոցին հետ: Յիշարժան է իր նկարագրութիւնը Հայաստան վերադարձին, երբ ինքնաշարժին պատուհանը բանալով` լաւաշի բուրմունքին գինովութիւնը կ՛ապրի:

Վարչապետի ճառերուն մէջ ծանօթ զուարթախոհութիւնը, տեղ ունի նաեւ իր գրականութեան մէջ, երբ նիւթական ապահովելու համար բարեկամի մը պարտքը պիտի հատուցէ Սորոսէն ստացած վճարագիրով (չեք):

Առհասարակ հայրենի քաղաքական կեանքին եւ մամուլի մէջ յայտնուող օտար բառերը կը վխտան նաեւ այս հատորին մէջ, ինչ որ խորհրդածութեան առիթ է, որ թաւշեայ յեղափոխութիւնը պէտք է հասնի նաեւ մեր Ոսկեղինիկի փրկութեան:

Ականջալուր եղայ, որ այս գիրքը սպառած է արդէն հայրենի գրախանութներուն մէջ, երեւոյթ մը, որ կը յիշեցնէ խորհրդային տարիներուն տասնեակ հազարներու հասնող տպաքանակներով հրատարակուած հատորներէն ստանալու համար մարդկային երկար հերթերը: Անկասկած  որ Փաշինեանին հեղինակած այս սպառած հատորը ընթերցանութեան պիտի արժանանայ հասարակութեան կողմէ` ճանչնալու համար գրագէտ վարչապետը:

Ժընեւ 

2019-ն Պէտք Է Դառնայ Հայ Երիտասարդութեան Գաղափարականացման Տարի

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Անցեալ տարի(2018-ին) նշեցինք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը եւ Հրայր Մարուխեանի մահուան 20-ամեակը. երկու կարեւոր յոբելեաններ, որոնք պէտք էր առիթ ընծայէին գաղափարականացնելու եւ քաղաքականացնելու հայերիտասարդութիւնը:

Դժբախտաբար, սակայն, հայ երիտասարդութեան պէտք եղած չափով չներկայացուեցան Ա.  հանրապետութեան հիմքերը եւ անոր ղեկավար սերունդին (Ալեքսանդր Խատիսեան, Սիմոն Վրացեան, Արշակ Ջամալեան, Աւետիք Սահակեան, Կարօ Սասունի եւ Նիկոլ Աղբալեան) գաղափարաբանական վաստակը: Դժբախտաբար պէտք եղած չափով Ա. հանրապետութեան ազատութեան, արդարութեան ու համերաշխութեան արժէքները եւ անոնց համազգային խորհուրդը չհամահայկականացան եւ չդարձան ուղեցոյց`վերանորոգելու մեր ազգային-ազատագրական, ինչպէս նաեւ ներքին ճակատի վրայ` ընկերային-տնտեսական ազատագրութեան երթը: Արամ Մանուկեանը, իբրեւ հանրապետութեան հիմնադիր ու պետականութեան կերտիչ, նաեւ անկէ առաջ իբրեւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործունեայ դէմք, պէտք եղածին չափ համահայկական յարգանքի չարժանացաւ:

Հրայր Մարուխեանի` իբրեւ 20-րդ դարու վերջաւորութեան հայ քաղաքական միտքին մէջ լուսաւոր փարոսի, կրած գաղափարները յաւուր պատշաճի չներկայացուեցան հանրութեան: Դժբախտաբար հայութեան մէջ «Ա. հանրապետութիւն», «Արամ Մանուկեան» եւ «Հրայր Մարուխեան» մնացին լոկ անուններ, այլ ոչ թէ` գաղափարաբանական ուղեգիծ կրող երեւոյթներ:

Ներկայիս միայն ու միայն անուններ յիշելը չէ կարեւորը, այլ նաեւ` այդ դէմքերուն գաղափարական վաստակն ու ուղեգիծը: Անոնց տարած թէ՛ տեսական եւ թէ՛ գործնական աշխատանքները: Նոր սերունդը իրաւունքը ունի ճանչնալու թէ՛ Ա. հանրապետութեան գործիչներուն ու Արամ Մանուկեանի եւ թէ՛ Հրայր Մարուխեանի մտածելակերպերն ու գործերը:

Միայն բանախօսութիւնները, ճառախօսութիւնները կամ յօդուածագրութիւնները բաւարար չեն, այլ լուրջ աշխատանք պէտք է տարուի երիտասարդութեան գաղափարականացման եւ քաղաքականացման առումով:

Գաղափարական եւ քաղաքական դիմագիծ ունեցող երիտասարդութեան է, որ ապագային պիտի փոխանցուի ղեկավարութեան ջահը: Գաղափարական եւ քաղաքական դիմագիծ ունեցող երիտասարդութիւնն է, որ պիտի ստանձնէ ղեկավարութիւնը սերնդափոխութեան ժամանակաշրջանին:

Հայկական հասարակական կեանքին մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւնները եւ անոնց երիտասարդական թեւերը անմիջական կարիքը ունին նորերուն փոխանցելու իրենց տեսաբաններուն գաղափարներն ու գործերը: Կուսակցութիւնները կարիքը ունին պատրաստելու քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական մտածելակերպ ունեցող երիտասարդներ եւ ամէնէն կարեւորը`ապագայի տեսլական ունեցող երիտասարդութիւն մը, որ կը կրէ քննական միտք եւ կ՛ունենայ ընկերային-տնտեսական ուղղուածութիւն` գաղափարաբանական հիմքերէ մեկնելով:

Այս տարի մենք պիտի նշենք ՀՅԴաշնակցութեան Թ. Ընդհանուր ժողովի(ուր  ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի նպատակը որդեգրուեցաւ, ՀՅԴ-ն իր ընկերային-տնտեսական առաջադրանքները տեսականէն վերածեց գործնականի եւ «Նեմեսիս» գործողութիւնը որոշուեցաւ) եւ ՀՅԴ-ի հիմնադիր Ստեփան Զօրեանի (Ռոստոմ) մահուան 100-ամեակները:

Զոյգ յոբելեանները լաւ միջոցներ են նախ նոր սերունդին սեփականութիւնը դարձնելու Ռոստոմի տեսաբանական յօդուածագրութիւնները, ներկայացնելու Ռոստոմը` իբրեւ ազգային-ազատագրական պայքարի գլխաւոր դէմք, ապա ամրապնդելու հայկական պետականութեան գաղափարը սփիւռքահայ երիտասարդին մէջ` կառչած մնալով ընկերային եւ տնտեսական արդարութեան արժէքները իրականացնելու գաղափարին, ինչպէս նաեւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի պատգամը փոխանցելու սերունդէ սերունդ` իբրեւ մեր ազգային Դատի վախճանական նպատակ:

 

 

Անդրադարձ. Շրջապտոյտը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց իր երկրին համար գլխաւոր երեք առաջնահերթութիւնները` Իրանի դէմ պայքարը, ՏԱՀԵՇ-ի ջախջախումն ու շրջանային կայունութեան ապահովումը: Անշուշտ, երբ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը «շրջանային կայունութեան ապահովում» կ՛ըսէ, պէտք է հասկնալ, թէ կը խօսի Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան վերահսկողութեան հաստատում: Այդ նպատակին իրագործման մէջ գլխաւոր արգելքը Իրանն է, ահա թէ ինչու «աշխարհի վրայ ահաբեկչութեան գլխաւոր հովանաւոր»-ին դէմ պայքարը Ուաշինկթընի համար կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն է:

Իրաք, Եգիպտոս, Պահրէյն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Սէուտական Արաբիա, Յորդանան եւ Օման այցելած Փոմփէօ (հետագային պիտի այցելէ նաեւ Քուէյթ) իր հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ իր երկիրը հաստատակամ է Իրանի դէմ պայքարի հարցին մէջ, «եւ մենք ատիկա պիտի կատարենք շրջանին մէջ մեր գործընկերներուն հետ»: Ան ամերիկեան վարչակազմին համար Իրանի դէմ պայքարի չափազանց կարեւորութիւնը ընդգծելով նշեց, որ այդ պայքարը «առաքելութիւն մըն է, որ կ՛իրագործուի յանուն աշխարհի»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի շրջան այցելութեան նպատակը յստակացնելն է, թէ ո՛վ «գործընկեր» է, ո՛վ այդ «առաքելութեան» հետ է եւ ո՛վ` դէմ, իսկ տողատակի պատգամը այն է, որ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը պարտութիւն չէ, այլ` ընդամէնը Ուաշինկթընի միջինարեւելեան քաղաքականութեան վերադասաւորման մէկ քայլը:

Յատկանշական է, որ Փոմփէօ իր արաբական շրջապտոյտին ընթացքին չայցելեց Լիբանան եւ վերոնշեալ պատգամին տեղւոյն իշխանութեան երեք պետերուն փոխանցումը վստահեցաւ իր քաղաքական հարցերու օգնական, Լիբանանի մէջ իր երկրին նախկին դեսպան Տէյվիտ Հէյլին: Այդպիսով ի յայտ եկաւ, որ Լիբանան Ուաշինկթընի համար նուազ կարեւոր երկիր մըն է, սակայն ոչ անկարեւոր, որովհետեւ մայրիներու երկիրն է Իրանի աջակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի օրրանը: Հէյլ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպումէն ետք յստակօրէն շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` դիմադրելու համար ամբողջ շրջանին մէջ գործադրուող իրանեան վտանգաւոր արարքներուն, որոնցմէ մէկն է «ֆինանսաւորումը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին է նաեւ Հըզպալլան»: Ան մեծ հաւանականութեամբ այդ վերջին հարցով է, որ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ եւ ոչ թէ քննարկելու համար Լիբանանի ու շրջանի տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը, ինչպէս հաղորդուեցաւ:

Հէյլ նաեւ Լիբանանը հրաւիրեց մասնակցելու Լեհաստանի մէջ Իրանի դէմ պայքարի հարցին նուիրուած խորհրդաժողովին: Տողատակի Իրանի դէմ պայքարի «առաքելութեան» հետ կամ դէմ ըլլալու երկընտրանքի առջեւ կանգնեցնող, ուստի եւ լիբանանեան տեսանկիւնէն անբաղձալի հրաւէր մը, որ վստահաբար նեղ կացութեան պիտի մատնէ շրջանային տագնապներէ ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութիւն կիրարկող, ներքին ու արտաքին նուրբ հաւասարակշռութիւններ պահող եւ արդէն իսկ քաղաքական ու տնտեսական ճգնաժամի մէջ գտնուող երկիրը:

 

 

Նշմար Մերքել Կ՛ընդունի Յունաստանի Դէմ Նացի Գերմանիոյ Ոճիրները

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Աղբիւրը` գերմանական պատկերասփիւռի DW կայան (նաեւ` այլ աղբիւրներ):
Թուական` ուրբաթ, 11 յունուար 2019:
Նիւթը` Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի Յունաստան այցելութիւնը եւ նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հետ հանդիպումը:

Լուրին խտացումը. հիւրընկալ նախագահը կը յիշեցնէ, որ Բ. Աշխարհամարտին, նացիներու օրով, Գերմանիա ծանր վնասներ պատճառած է Յունաստանի ու անոր ժողովուրդին, կը պահանջէ նիւթական հատուցում (կը խօսուի 300 միլիառ տոլարի մասին): Մերքել կ՛ընդունի, որ Յունաստան նացի Գերմանիոյ զոհերէն է, եւ թէ` պէտք է գտնել հարցերը լուծելու, յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ ամրապնդելու ուղիներ: Ի վերջոյ, երկու երկիրներն ալ Եւրոպական Միութեան անդամ են:

Հետեւութիւններ.

1.- Յունաստան չէ մոռցած, կը յիշէ, կը յիշեցնէ եւ կը պահանջէ:

2.- Գերմանիոյ թիւ մէկը չի խուսափիր պատմութեան մէջ գործուած սխալը ընդունելէ. կ՛ընդունի, որ Բ. Աշխարհամարտին, գրաւման օրերուն, Յունաստան վնաս կրած է, չ՛ըսեր, որ ատիկա նացիներու օրով գործուած է, պատմութեան կը պատկանի, այսօրուան Գերմանիան, որ անցաւ բաժանումի եւ վերամիացումի տաժանելի փուլերէն, պատասխանատու չէ նացիներու ոճիրներուն ու պատճառած վնասներուն, հարցերուն քննարկումն ու լուծումը պատմաբաններուն ուսին չի նետեր, այլ կը խոստանայ դարմանումի եւ յարաբերութեանց բարելաւման ձեւեր գտնել:

3.- Գերմանական յիշեալ հեղինակաւոր աղբիւրը անյապաղ, մանրամասնօրէն ու ամենայն հարազատութեամբ կը ներկայացնէ Մերքել-Փաւլոփուլոս հանդիպումին մանրամասնութիւնները, չի գործածեր հիթլերական Գերմանիոյ դաժան դերակատարութիւնը քողարկելու կամ մեղմացնելու բառամթերք:

Ի դէպ, Մերքելի Աթէնք այցելութիւնը շաքար-մեղրով չէր պատուած. յոյները չեն մոռցած, որ իրենց տնտեսական տագնապին օրերուն (տագնապը լիովին չէ փարատած տակաւին), Մերքել` իբրեւ Եւրոպական Միութեան մէջ գերակշիռ խօսք ունեցող ղեկավար, աւելի քան 4 տարի առաջ խնայողական խայթող ծրագիր մը իջեցուց իրենց կոկորդէն վար. սակայն հիմա երեւոյթները ցոյց կու տան, որ թուլցած այդ կամուրջներն ալ վերստին ամրապնդելու տրամադրութիւն կայ երկու կողմերէն:

***

Քանի մը նկատողութիւն:

Հայկական պետական շրջանակներու կամ մամուլին ուշադրութեան արժանացա՞ծ են այս հանդիպումն ու դրուած հարցերը:

Մեզի` հայերուս ի՞նչ կը պակսի, որ մեր պետական ու քաղաքական աշխատանքներուն ծիրին մէջ, մնայուն օրակարգ դարձնենք Թուրքիայէն մեր պահաջատիրութիւնը (հրաժարելով «Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց բարելաւման համար նախապայմաններ չունինք»-ի տրամաբանութենէն), եւ կարելի ամէն առիթի` Անգարայի ու անոր գործակիցներուն, ներառեալ Գերմանիոյ, յիշեցնենք, որ Ցեղասպանութեան, հողերու բռնագրաւման ու դարաւոր ժառանգութեանց փճացման բաց հաշիւները անժամանցելի են, կարելի չէ զանոնք պատմաբաններու թողուլ, այլ հաշուեփակի համար, Մերքելի եւ այլոց օրինակին հետեւելով, Թուրքիա պարտաւորուած է ընդունիլ իր գործած ոճիրները, հայութեան հասցուցած ԲՈԼՈՐ վնասները, ընդունիլ, որ պարտաւոր է լիարժէք հատուցում կատարելու` վերադարձնելով բռնագրաւեալ հողերը եւ փոխհատուցելով նացիներու նախակարապետ իթթիհատականներուն ու անոնց ժառանգորդ հանրապետականներուն պատճառած մարդկային ու նիւթական վնասները: Մուրհակներու ցուցակին մէջ բնականաբար պէտք չէ մոռնալ, անկարելի է մոռնալ Ազրպէյճանի բաժինը:

***

… Կարծէք թէ մենք հրաժարած ենք նման զարգացումներու նկատմամբ մինչեւ իսկ կրաւորական հանդիսատեսի դերէն, իսկ պահանջատիրական տասնամեակներու մեր ձեւերը (առանց անտեսելու անոնց անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը) սկսած ենք վերածուելու անատամ առիւծի` մոռնալով, որ «կը յիշեմ ու կը պահանջեմ»-ը կրնան գործնական ընթացքի մէջ դրուիլ նա՛եւ Յունաստանի նախագահին պահանջատիրութեան տրամաբանութեամբ, հետեւողութեամբ: Չենք կրնար արդարանալ` ըսելով, որ երկու հարցերը մեծ տարբերութիւն ունին, Հայաստան տկար է, կամ` նման մտածումներով «պատսպարուիլ»:

Կ՛արժէ, որ մեր տեսակէտներուն համահունչ այսօրինակ իրադարձութեանց մօտենանք ողջունողի «աղմուկով», իսկ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի անարդար ընթացքներն ու նորագոյն ոճիրները` բացայայտողի, աղմկոտ դատապարտողի դիրքերէ:

Սա մնայուն մարտահրաւէր է հաւասարապէս հայրենի պետութեան ու Հայ դատի պայքարին լծուած բոլոր գործողներուն համար: Մեր կրաւորական անտարբերութիւնը չփորձենք բացատրել նաեւ անով, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը հիմա կլանուած են ներքին քաղաքական իրադարձութիւններով, նոր խորհրդարանով ու անկէ ծնելիք կառավարութեան հարցերով (ի՜նչ խօսք, որ բաւարար ժամանակ ունինք աղմկոտ, հոգ չէ թէ որոշ չափով արդար ցոյցերուն: Անոնք ԳՈՐԾ չեն պահանջեր…):

11 յունուար 2019

Արամի Տան Ողբերգութիւնը

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Կ՛իմանամ, որ հանրապետութեան նոր ճարտարապետը կը հաւաստիացնէ, որ Արամի տունը իր պաշտօնավարութեան օրով չի քանդուելու… Գոհացա՞ծ էք, սիրելիներ:

Ցարդ այս է Փաշինեանի իշխանութեան անուղղակի հաւաստիքը: Ես մեծ հաւատք ունիմ պր. Մեսչեանի անկեղծութեան վրայ, բայց իմ ուսուցիչ, բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի տողերը իր երգերով պանծացնող իմ ազգակիցէն կը սպասեմ շատ աւելին: Այդ շէնքը պիտի դուրս գայ Սրմաքէշի սեփականութեան ծիրէն:

Ան պիտի անցնի հանրութեան իրաւասութեան: Մի՛ հարցնէք, թէ ի՛նչ ձեւակերպումով: Թեքնիք խնդիր է, զոր յետոյ կը պարզաբանեմ: Շէնքը իր սկզբնական ամբողջական յղացքով պիտի վերականգնի եւ պիտի վերածուի Արամ Մանուկեանի տուն- թանգարանի: Եւ, իմ կարծիքով, այս բոլորը տեղի պէտք է ունենայ պր. Սրմաքէշի բարերարութեամբ:

Պր. Սրմաքէշ կրնա՞յ հանգիստ խղճով այս փաթեթին հրապարակաւ «ոչ» ըսել: Պր. Մեսչեան պատրա՞ստ է այս փաթեթին հրապարակաւ «այո» ըսելու: Պարոնայք Սրմաքէշ, Մեսչեան եւ վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեան պատրա՞ստ են միասնաբար այցելելու շէնքին վայրը եւ հրապարակաւ լուսանկարուելու այս ազգային ամօթին առջեւ:

Հարց կու տաք, թէ ինչու՞ բացառաբար մատնացոյց կ՛ընեմ մեր երեք մեծարգոյ հայրենակիցները այս խնդրով: Քանի որ այսօր իրենք են, որ կանչուած են հայոց պատմութեան դատին: Իրենք են միայն, որ կրնան տապանաքարը իր տեղէն շարժել: Յունուարի 29-ը Արամ Մանուկեանի մահուան հարիւրամեակն է:

 

Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»-ը Առաջին Անգամ Ըլլալով Լոյս Կը Տեսնէ Անգլերէնով

$
0
0

Անդրանիկ Ծառուկեանի գլուխ-գործոց երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը` «Թուղթ առ Երեւան»-ը առաջին անգամ ըլլալով լոյս տեսած է անգլերէնով:

Թարգմանութեամբ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի եւ Ռուբէն Ճանպազեանի եւ հրատարակութեամբ «Հայրենիք» հրատարակչատան (Ուաթըրթաուն, Մասաչուսեց), 119 էջերէ բաղկացած հատորին մէջ նաեւ լոյս տեսած է խմբագիր Վահէ Հապէշեանին յառաջաբանը, որ մանրամասնութեամբ կ՛արժեւորէ Ծառուկեանի կտորը եւ կը բնութագրէ անոր կարեւորութիւնն ու գրական ու պատմական արժէքները:

Սոնենց-Փափազեանի եւ Ճանպազեանի «Թուղթ առ Երեւան»-ի անգլերէն թարգմանութեան քանի մը մասեր անցեալին լոյս տեսած էին «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթին մէջ:

«Շուրջ 16 տարիներ առաջ Հայ դատի եւ հայ գրականութեան ուսուցիչս` պրն. Մուշեղ Գարագաշեանը զիս ծանօթացուց Անդրանիկ Ծառուկեանի էջերուն. նախ «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ին եւ յետոյ` «Թուղթ առ Երեւան» սքանչելի բանաստեղծութեան, որոնք շուտով եղան իմ նախասիրած երկու գրական գործերը եւ առիթը տուին որ աւելի մօտէն հետեւիմ հայ գրականութեան», ըսաւ Ճանպազեանը: «Մեր յոյսն է, որ այս տեսակի թարգմանութիւններ առիթներ կը ստեղծեն, որ մեր գլուխ-գործոցները կարդացուին ոչ հայախօսերու կողմէ եւ կրկին անգամ ըլլան ներշնչման աղբիւրներ` այս անգամ անգլիախօս սերունդին համար»:

Թարգմանութեան հետ միատեղ, հրատարակութեան մէջ նաեւ լոյս տեսած է «Թուղթ առ Երեւան»-ի հայերէն բնագիրը, ինչպէս նաեւ` հայրենի գեղանկարիչ Մերուժան Խաչատրեանի վեց գծանկարներ, որոնք յատկապէս պատրաստուած են նոր հրատարակութեան համար:

«Մեր յոյսն է նաեւ, որ այս հատորը խթան կը հանդիսանայ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը մօտեցնելու հայ լեզուին. ճիշդ այդ պատճառով մեզի համար կարեւոր էր, որ հայերէն բնագիրը ընդգրկուի այս նոր հրատարակութեան մէջ», ըսաւ Ճանպազեան:

Հատորին անգլերէն խմբագիրն է Վահէ Հապէշեանը (Լուըլ, Մասաչուսեց), իսկ հայերէնի խմբագիրը` Եփրեմ Թոքճեանը (Թորոնթօ, Քանատա):

Թարգմանիչները, խմբագիրները, գեղանկարիչն ու ձեւաւորողները` բոլորն ալ սիրայօժար եւ ժրաջանօրէն աշխատած են, որ այս հատորը լոյս տեսնէ: Գիրքի վաճառքի հասոյթը ամբողջապէս պիտի նուիրուի «Հայրենիք» հաստատութեան թերթերու թուայնացման ծրագրին, որուն շնորհիւ` «Հայրենիք» օրաթերթի (հայերէն), «Հայրենիք» շաբաթաթերթի (հայերէն), «Հայրենիք» շաբաթաթերթի (անգլերէն) եւ «Տը Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթի (անգլերէն) ամբողջ արխիւը (այսինքն` բոլոր թիւերը) հասանելի պիտի ըլլան հանրութեան:

Գիրքէն օրինակներ այժմ կարելի է ապահովել Amazon.com առցանց խանութէն, իսկ շուտով` «Հայրենիք» գրախանութէն (80 Bigelow Ave. Watertown, MA 02472) եւ այլ հայկական հաստատութիւններէ, նաեւ.- https://www.amazon.com/dp/1727508459/ref=sr_1_1?s=books&ie=UTF8&qid=1547221898&sr=1-1

«Թուղթ առ Երեւան»-ի մասին

1944 թուականին Գէորգ Աբով խորհրդահայ բանաստեղծը իր «Մենք չենք մոռացել» խորագրով, կարճ, վեց տուներէ բաղկացած բանաստեղծութեան տողերուն մէջ կը մեղադրէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն ու անոր անդամները` իբրեւ հայ ազգի ու ժողովուրդի ամենամեծ դաւաճաններն ու ոճրագործները:

Աբովի բանաստեղծութիւնը ուղղակի խանգարած է Ծառուկեանը: Ի պատասխան «Մենք չենք մոռացել»-ին` 1944 թուականին ան գրած է երկարաշունչ «Թուղթ առ Երեւան»-ը: Թէեւ Աբովի բանաստեղծութիւնը ուղղուած էր ամբողջ կուսակցութեան, Ծառուկեան իր անձին վրայ առած է բոլոր վատ խօսքերը ու այդ հասկացողութեամբ ալ որոշած է պատասխանել Աբովի ամբաստանական բանաստեղծութեան:

Աբով ոչ մէկ ակնարկ ըրած է Ծառուկեանին, ոչ ալ ուղղած է բանաստեղծութիւնը անոր: Ծառուկեանը պարզապէս պարտականութիւնը յանձն առած է պատասխանելու եւ լռեցնելու Աբովը` որպէս դաշնակցական: Ծառուկեան անհրաժեշտութիւնը զգացած է ցոյց տալու սովետամէտ եւ հակադաշնակցական մտաւորականներուն որ սփիւռքի հայութիւնը մեծ զոհողութիւններ կ՛ընէ պահպանելու հայ գիրն ու գրականութիւնը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները օտար ափերու վրայ:

«Թուղթ առ Երեւան»-ը Ծառուկեան կ՛ուղղէ Աբովի եւ խորհրդահայ մտաւորականութեան ընդհանրապէս: Ան կը հրաւիրէ զանոնք քաղաքական-քարոզչական մղումներէ հեռու մնալու եւ արդարօրէն գնահատելու հայոց արդի պատմութիւնը:

Ծառուկեան` իբր Արեւմտահայ գրագէտ, որոշած է գրել «Թուղթ առ Երեւան»-ը արեւելահայերէնով. ան ուզած է, որ ժամանակակից Հայաստանի մտաւորականութիւնը ոչ միայն կարդայ բանաստեղծութիւնը, այլ նաեւ ամբողջութեամբ հասկնայ ամէն մէկ բառ, ամէն մէկ գաղափար:

Հրատարակութեան տարիներուն «Թուղթ առ Երեւան»-ը բաւական աղմուկ բարձրացուցած է սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ու տարիներու ընթացքին աւելի քան տասն անգամ վերատպութեան արժանացած` աշխարհի զանազան գաղթօճախներու մէջ:

Հայ մեծն գրադատ Յակոբ Օշական լման գիրքի մը տարողութեամբ վերլուծական մը գրած է «Թուղթ առ Երեւան»-ի մասին` «Վկայութիւն մը» խորագրով (1945): Ան Ծառուկեանը կը համարէր «Սփիւռքի առաջին տաղանդաւոր եւ իրա՛ւ բանաստեղծը» եւ «Թուղթ առ Երեւան»-ին մասին գրած է հետեւեալը.

«Անդրանիկ Ծառուկեան ո՛չ Սիամանթօ մըն է, ո՛չ Վարուժան մը եւ ո՛չ ալ Պ. Դուրեան մը: Ու պէտք ալ չունի ատոնք կամ անոնց շուքը ըլլալու® Ծառուկեան սփիւռքի տղայ մըն է, որ բախտաւոր օր մը առաւ այդ սփիւռքէն շերտ մը բան, դուք գրէք` Վարուժանի «ափ մը կարմիր հողը», նետեց զայն իր սրտի քուրային ու անկէ հանեց արիւնոտ, կենսագործեալ իր վկայութիւնը, «Թուղթ առ Երեւան»-ը, որ ահա, իր այս ճակատագրովը, այսինքն սիրտէ եկած ըլլալու ճակատագրովը կը գտնուի գրական, այսինքն ուղեղէն եկած, դիւաններէն մեր սփիւռքին»:

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պատի Մը Պատմութիւնը

$
0
0

Պատի մը պատմութի՞ւն, թէ՞  «Հինգ միլիառ տոլարի համար»… Շարժապատկերի մեծ պաստառին վրայ ցուցադրուելիք  «ուեսթըռն» մը չէ պատահածը, այլ` կրթուած, յառաջդիմած եւ արդիականացած Ուեսթին` Արեւմուտքի սրտին մէջ անհանդուրժելի դէպք մը… իրադարձութիւն մը:

Այսպէս, ամերիկացիին համար պարզ ու յստակ էր, որ Նոր տարին մասնաւոր նորութիւն պիտի չբերէր քաղաքական բեմահարթակին վրայ: Արդէն իսկ օրական նորութիւններ տեղի կ՛ունենան Սպիտակ տան մէջ եւ` այնքան սրընթաց ձեւով, որ նոյնինքն վարձակալը սկսած է անակնկալի գալ եւ կորսնցնել իր հետեւողականութիւնը` անշուշտ կարեւորութեամբ մատնանշելով, որ եթէ այդպիսի գործելաձեւի հանդէպ որեւէ հասկացողութիւն կամ հետաքրքրութիւն ունի:

Նախագահ Թրամփ տարեվերջի օրերուն արձակուրդի մէջ էր: Իրեն հետ արձակուրդի մէջ էին նաեւ քանի մը հարիւր հազար պետական պաշտօնեաներ: Սակայն, տարբերութիւնը այն էր, որ այս վերջինները ստիպողաբար արձակուրդի մէջ էին: Նոր տարուան օրերուն այս կառավարական պաշտօնեաները զրկուած են ամսականէ այն պատճառով, որ Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ նախագահին, չեն կրցած համոզել դեմոկրատականները` հարաւի դրացի Մեքսիքայի սահմանին վրայ պատի կառուցման հինգ միլիառ տոլար յատկացնելու կանաչ լոյս ստանալու եւ գործի անցնելու համար:

Դեկտեմբեր 22-էն ի վեր ստեղծուած է այս կացութիւնը, որ կրնայ դեռ շարունակուիլ եւ նոր մրցանիշ մըն ալ հաստատել: Ցարդ մրցանիշը 27 օր է, ինչ որ պատահած է 16 դեկտեմբեր, 1995-էն մինչեւ 6 յունուար, 1996, Պերլինի ամօթի պատի փլուզումէն վեց տարի ետք, սակայն այդ օրերու շաթտաունին պատճառը ո՛չ մէկ կապ ունէր պատի կամ պատերու կառուցման կամ փլուզման հետ, այլ առողջապահական բնագաւառէն ներս ապահովագրութեան (medicare) առնչութեամբ էր եւ հանրապետական Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նիւթ Կինկրիչ կը պայքարէր օրուան նախագահ Պիլ Քլինթընի դէմ:

Եթէ ընթացքը այսպէս շարունակուի, եւ յառաջիկայ օրերուն առաջարկուած պիւտճէն չորդեգրուի, այդ պարագային, հետզհետէ աւելի պիտի սաստկանան նիւթական սեղմումներն ու անվճար արձակուրդները` բախելով ներքին գործոց նախարարութեան, փոխադրամիջոցներու նախարարութեան, գիւղատնտեսութեան նախարարութեան, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ այլ դռներ:

Դեռ աւելի՛ն. նախագահը որոշեց արձակուրդ տալ Սուրիոյ մէջ հաստատուած ամերիկեան ուժերուն: Տարբեր ու տարօրինակ արձակուրդ մը` վերջնականապէս տունդարձի արձակուրդ մը… այն հաստատումով եւ համոզումով, որ պատերազմը աւարտած է, եւ թշնամին պարտուած է:

Իսկ եթէ Թրամփի պաշտօնավարութենէն ի վեր հրաժարած եւ հրաժարելու մղուած եւ հրաժարուած անձնաւորութիւններուն մասին մանրամասնօրէն գրուի, հաւանաբար էջեր կարելի է յատկացնել:

Այս մասին հանրածանօթ լրագրող եւ յօդուածագիր Պապ Վուտուըրտ իր հրատարակած  «Վախ» գիրքով լաւապէս կը նկարագրէ այս յամառ ու վախազդու նախագահը, որ հաստատ կը մնայ այդ պատը բարձրացնելու գաղափարին` շարունակ դիմելով իր նախընտրած հաղորդակցութեան միջոցին` դայլայլին (թուիթ):

Հինգ միլիառ տոլարի համար ստեղծուած թնճուկը կը շարունակուի:

Մինչ այդ օրը նոր թուիթ մը` նոր:

 


Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ազգի Եւ Ընտանիքի Մը Յաջողութիւնը

$
0
0

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Մարդ արարծը կ՛ուզէ միշտ դիւրին միջոցներու դիմել, որպէսզի արագօրէն իր նպատակին հասնի, բայց եւ այնպէս, առանց զոհողութեան նպատակի հասնիլը ընդհանրապէս դժուար է : Քրիստոնէական դաստիարակութեան համար զաւակներս կիրակնօրեայ դպրոց յաճախած ժամանակ կինս եւ ես ալ եկեղեցւոյ պատարագին ներկայ կը գտնուինք եւ, մեր կարգին, անհրաժեշտ մտքի ու հոգիի սնունդը կը ստանանք: Միշտ կը փորձենք մեր զաւակներուն տիպար օրինակ դառնալ մեր ապրելակերպով… Մեր անձնական փորձառութեան վրայ հիմնուելով, սկաուտական դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան պէտքը զգալով` մեր զաւակները նաեւ սկաուտական շարքերուն անդամակցած են : Այս բոլորին կողքին, իրենց ամէնօրեայ արուեստի կամ մարզական փորձերու համար խաղավայր տանիլը եղած է մեր ամէնօրեայ զոհողութիւնը` իբրեւ ծնողք:  Մեզի նման են շատ մը ուրիշ ծնողներ…

Որոշ է, որ շատ բաներ չեմ գիտեր եւ միշտ պատրաստ եմ ուրիշներու շինիչ խրատներէն սորվելու, բայց եւ այնպէս, վստահ եմ, որ կրնամ շատերու օգտակար դառնալ իմ օրինակովս եւ ոչ միայն խօսքերովս…

«Զուարթնոց» օդակայան վայրէջքի ժամանակ յանկարծ 6 տարեկան աղջիկս Արարատ լեռը ցոյց տալով` ըսաւ. «Պապա՛, պապա՛, թուրքերուն գրաւած մեր Արարատը»: Դպրոցը սորված իր դասագիրքի պատմութիւնը իրեն համար իրականութիւն դարձաւ այդ վայրկեանին: Խօսքը այլեւս երազ չէր, այլ` իրականութիւն: Նոյն գաղափարով փորձենք մեր դաստիարակութեան պատմութիւնը մենք ինքներս ապրիլ, որպէսզի տիպար օրինակ դառնանք մեր զաւակներուն:

Առաւօտ մը, երբ Աստուածաշունչ կը կարդայի, յանկարծ տղաս փոքրերու յատուկ Աստուածաշունչ մը առած` սենեակս մտաւ: Երբ հեգնական ոճով հարց տուի, թէ ի՛նչ զետեղած էր ձեռքին մէջ, 3 տարեկան տղուս պատասխանը իսկապէս զարմացուց զիս. «Պապա՛, քեզի պէս` կ՛ուզեմ կարդալ»: Ան  ուզեց ծնողքին օրինակը գործադրել: Որպէս ծնողք` շատ բաներ կ՛ուզենք եւ կը ցանկանք, բայց չենք ուզեր մեր հանգիստը խանգարել: Զաւակ մը ճիշդ ձեւով դաստիարակելը անձնազոհութեան կը կարօտի: Այսօր աշխարհի բոլոր ղեկավարները կ՛ուզեն լաւ որակի ժողովուրդ ունենալ, բայց կը թերանան իրենց ժողովուրդին մօտենալու, անոնց օրապահիկը բարելաւելու ու նաեւ իրենց ապրելակերպով լաւ օրինակ դառնալու. անոնք ի վերջոյ կը ձախողին եւ կը տապալին:

Ծնողն ալ կը նմանի երկրի մը ղեկավարութեան, որ իր պարտականութիւնը ճիշդ ձեւով պէտք է ընէ իր զաւակներուն յառաջդիմութեան համար: Երբ ղեկավարութիւնը գիտակից հօր կամ մօր նման իր ժողովուրդին հոգ կը տանի, կարող կ՛ըլլայ իր երկիրը դէպի առողջ եւ յաջող ապագայ մը առաջնորդել, ապա թէ ոչ կը լճանայ եւ կը վերջանայ: Անցեալ օր Տուպայի իշխանը իր յիսնամեակին առիթով համաձայնագիր մը հրապարակեց, ուր կ՛ըսէ, թէ ինչպէս պիտի բարելաւէ իր երկիրը եւ իր ժողովուրդին կեանքը, որ արդէն ամէնէն յառաջդիմած իշխանութիւններէն մէկը կը համարուի: Նշուած է նաեւ, որ համաձայնագիրին իրագործումը պիտի հետապնդուի եւ, թերացման պարագային, պատասխանատուները հաշուի պիտի կանչուին: Այսօր տիպար, գիտակից հօր օրինակը կը ներկայացնէ այս ղեկավարը` իր հեզութեամբ եւ միշտ ժողովուրդին կողքին իր ներակայութեամբ, որուն գործերը կը գերազանցեն խօսքերը… Կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր ղեկավարութիւններուն եւ ի մասնաւորի Հայաստանի ղեկավարութեան, որ գիտակից հօր նման` մեր հայրենիքի շահերը գերադասեն իրենց անձնական շահերէն եւ անձնազոհողութեամբ յառաջ տանին մեր սիրելի հայրենիքը` առանց մտածելակերպի խտրութեան: Բոլոր զաւակներուն իրաւունքները արդար ձեւով պաշտպանեն եւ կեանքի որակը բարելաւեն: Սփիւռքի մասնակցութիւնը Հայաստանի ապագայի բարելաւման եւ աճումին պէտք է նկատի առնուի: Սփիւռքը գործնական տեղ պէտք է գրաւէ քաղաքական ղեկավարութեան կողքին` ապագայի ծրագիրներու մշակման եւ իրագործման մէջ: Հայ ազգի վերածնունդի կարօտը կայ ոչ միայն յեղափոխութեամբ, այլ` մտածելակերպի զարթօնքով, փոխադարձ սիրոյ եւ իրարու օգնելու գաղափարի ներկայութեամբ, մեր կեանքին մէջ, առանց վնաս հասցնելու աւանդութիւններուն եւ, ամէնէն կարեւորը` Հայ եկեղեցւոյ եւ ընտանիքին… Ձեռք-ձեռքի, իրարու հետ բարձրացնենք  ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ը եւ զայն որդեգրենք ու մեր կեանքի նշանաբանին վերածենք… Միասնականութեամբ եւ առանց նախապայմանի անձնազոհութեամբ միայն կրնանք գոյատեւել իբրեւ ազգ ու ընտանիք եւ կրնանք հերթական նուաճումները արձանագրել:

 

 

Հայ Վաճառականներու Դերը Մետաքսի Ճամբուն Վրայ. Պատմական Ակնարկ

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Հայաստանը Մետաքսի ճամբուն վրայ

Հայաստանի եւ հայութեան փոխներգործութիւնը Մետաքսի ճամբուն հետ ունի աւելի քան 2000 տարուան պատմութիւն: Այս յօդուածով կ՛ուզեմ լուսարձակի տակ առնել երկու փուլեր, նախ Մեծն Տիգրանի փուլը եւ ապա հետազօտութեամբ 15-18 դարերու Նոր Ջուղայի հայ վաճառականներու դերը` վերականգնելու Մետաքսի Ճամբու գործունէութիւնը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ:

Պատմական Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը Փոքր Ասիոյ մէջ կամուրջ մը ստեղծեց Արեւելքին եւ Արեւմուտքին միջեւ, ուր հայ վաճառականները տարբեր պատմական ժամանակաշրջաններու օգտագործեցին այս առիթը: Երբ Հայաստանը կորսնցուց իր անկախութիւնը եւ ինկաւ այլ ազգերու տիրապետութեան տակ, այս վաճառականները դարձան «հայ մշակոյթի դեսպանները», անոնք իրենց ճարպիկութեամբ կրցան մշակութային կապ ստեղծել եւ ազդել կամ ազդուիլ այլ մշակոյթներէ, սակայն` միշտ պահպանելով իրենց ազգային ինքնութիւնը:

Չինաստանի տնտեսապէս բացուիլը դէպի Արեւմուտք` զուգադիպեցաւ Մեծն Տիգրանի եւ Հայաստանի տնտեսական ու քաղաքական վերելքին: Հետաքրքրական է, որ Մեծն Տիգրան գրաւեց արեւմտեան Ասիոյ գրեթէ բոլոր քաղաքները, որոնք կը գտնուին Մետաքսի ճամբուն վրայ, ինչպէս` Սիս, Մալաթիա, Անտիոք, Մուսուլ (Նինուէ), Դամասկոս, Փալմիր, Պիպլոս… Այսպիսով, Միջագետքի, հիւսիսային Պարսկաստանի, Սուրիոյ եւ Միջերկրականի արեւելեան ափերու առեւտրական կեդրոնները, որոնք կը գտնուէին Մետաքսի ճամբուն վրայ, ինկան հայկական իշխանութեան տակ: Առաւել, երկու Տիգրանակերտ քաղաքները, որոնք կառուցուեցան Մեծն Տիգրանի կողմէ Արցախի եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, դարձեալ Մետաքսի ճամբուն վրայ էին: Արդեօք այս բոլորը զուգադիպութի՞ւն էին:

1453-ին Կոստանդնուպոլսոյ անկումով եւրոպացի վաճառականները անորոշութեան մատնուեցան եւ կարիքը ունէին շրջանի տեղացի քրիստոնեայ վաճառականներու առաջնորդութեան: Հայ վաճառականները Կիլիկիոյ թագաւորութեան ժամանակ եւ խաչակիրներուն հետ իրենց յարաբերութիւններով արդէն իսկ վաճառականական ձիրքերու առումով գերազանցած էին այլ շրջաններուժողովուրդները: Նոյն ժամանակաշրջանին Իրանի հայ գաղութը մասնաւորապէս Նոր Ջուղայի մէջ կազմած էր ազդեցիկ տնտեսական դասակարգ մը,որուն անդամները իրանցիներուն կողմէ կը կոչուէին «խոճա»: Թուրք-պարսկական պատերազմին պատճառով Մետաքսի ճամբուն վրայ առեւտուրը սառած վիճակ մը ունէր, հետեւաբար Պարսկաստանի համար կարեւոր էր դուրս գալ տնտեսական մեկուսացումէն եւ առեւտուրի ճամբայ բանալ եւրոպական ու ասիական շուկաներուն հետ: Այսպիսով, թէ՛ եւրոպացիներուն եւ թէ՛ Պարսկաստանի համար մետաքսի հայ վաճառականներու դերը անհրաժեշտութիւն էր: 16-րդ դարուն հայկական սփիւռքը տարածուած էր առեւտրական բանալի կեդրոններու մէջ, ինչպէս` Պոլիս, Զմիւռնիա, Հալէպ, Մոսկուա, Վենետիկ եւ Ամսթերտամ: Սակայն հայ վաճառականներուն համար ցամաքային ճամբան անհրաժեշտութիւն չէր, եւ անոնք ուղղուեցան դէպի ծով: Այսպիսով, անոնք բացին երկու ծովային ճամբայ, մէկը դէպի Եւրոպա, իսկ միւսը` դէպի Ասիա:

Նոր Ջուղայի հայ վաճառականները Եւրոպա հասան Ռուսիոյ ճամբով`Ճերմակ ծովէն դէպի Պալթեան երկիրները եւ թագաւորութիւնները: 1687-ին եւ 1696-ին առեւտրական համաձայնութիւններ ստորագրուեցան այս թագաւորութիւններուն եւ հայ առեւտրականներուն միջեւ: Օրինակ` Շուէտի Սթոքհոլմ մայրաքաղաքին մէջ հայ վաճառականները իրաւունք ունէին գործարաններ բանալու: Հայ վաճառականները հասան մինչեւ Լոնտոն ու  օգնեցին փորթուգալցի եւ սպանացի նաւատորմերուն, որ հասնին Ասիա:

Երկրորդ ճամբան դէպի Ասիա էր, ուր Հնդկաստանի հայ գաղութը մեծ դեր խաղցաւ: Սկզբնական շրջանին անգլիացիները քաջալերեցին հայ վաճառականները, որոնք արդէն առեւտրական կեդրոններ հաստատած էին Սինկափուրի, Միանմարի, Ինտոնեզիոյ, Ֆիլիփեան կղզիներուն եւ Չինաստանի ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ: Անգլիացիները ուզեցին օգտագործել հայերը` յօգուտ իրենց գաղութատիրական քաղաքականութեան, սակայն երբ հայ վաճառականները մերժեցին ենթարկուիլ անգլիացիներուն, 1783-ին անոնց հողերը եւ նաւերը բռնագրաւուեցան, եւ այսպիսով, Չինաստանի հայ գաղութը տնտեսական հարուած մը ստացաւ:

Սակայն հայերը ինչո՞վ կը տարբերէին այլ վաճառականներէ: Կան երեք կէտեր, որոնք պէտք է բացատրել.

– Հայկական գաղութները` իբրեւ առեւտրական ցանց.- Հայ վաճառականները այլ վաճառականներու նման թափառական չէին եւ կը հաստատուէին Մետաքսի ճամբու մօտակայ քաղաքներուն մէջ: Հաստատուելէ ետք անոնք կը հիմնէին դպրոցներ, եկեղեցիներ ու մշակութային կեդրոններ,եւ այսպիսով ընդարձակ առեւտրական ցանց մը հիմնելով Ասիայէն Եւրոպա` անոնք կը դիւրացնէին առեւտուրը:

– Միջմշակութային փոխազդեցութիւն.-Հայ վաճառականերուն բերած մշակոյթին միջոցով բազմաթիւ քաղաքներ եւ թագաւորութիւններ ծանօթացան Հայաստանին ու հայ մշակոյթին: Մինչ Հայաստանի մէջ գոյութիւն չունէր պետականութիւն,Եւրոպան եւ Ասիան անուղղակիօրէն մէջտեղ բերին հայկական զարթօնքը: Բազմաթիւ եւրոպական եւ ասիական քարտէսներ, որոնք կը պատկանին 15-18-րդ դարերու ժամանակաշրջանին, կը նշեն «Հայաստան» կամ «Հայկական Բարձրաւանդակ» անունները: Հայերը նաեւ ազդեցութիւն ունեցան գերմանացի եւ հոլանտացի արուեստագէտներու վրայ, որովհետեւ կը տեսնենք անոնց կողմէ գծուած բազմաթիւ գեղանկարներ, որոնք կը վերաբերին 15-18-րդդարերու հայ առեւտրականներու եւ եկեղեցիներու: Իսկ գերմանացի յայտնի փիլիսոփայ Էմանուէլ Քանթ իր գիրքին մէջ կը գրէ, որ հայերը այլ ազգերը կը գերազանցէին իրենց առեւտրական ոգիով, եւ անոնք ոտքի վրայ կը գալէին Կինէայի ծովափէն մինչեւ Չինաստանի սահմանը:

– Հայ ազգային ինքնութեան վերածնունդը.-Հայերը, որոնք հաստատուեցան Մետաքսի ճամբուն շուրջ,ընդգրկուեցան այդ երկիրներու քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային կեանքին մէջ: Անոնք մասնակցեցան տեղական դատարաններու` պաշպանելու համար իրենց իրաւունքները, եւ սերտ կապեր հաստատեցին իշխաններու եւ քաղաքական գործիչներու հետ: Երբ Հայաստանը կորսնցուցած էր իր պետականութիւնը, անոնք դարձան ազգին դեսպանները: Հայ վաճառականները բազմիցս բարձրացուցին Հայկական հարցը եւրոպական երկիրներու մէջ, եւ հակառակ անոր որ կորսնցուցած էին պետականութիւնը, սակայն հայրենիքի կարօտը եւ Դատը միշտ բարձր պահեցին,եւ հայկական նաւերուն վրայ կը ծածանէին հայկական դրօշներ եւ խաչը: Իրենց գաղութներուն մէջ անոնք նորահաս սերունդը դաստիարակեցին հայկական եւ քրիստոնէական արժէքներով, իսկ երբ վերադարձան հայրենիք, անոնք իրենց հետ բերին ազգային-ազատագրական պայքարի եւ եկեղեցական ու կրօնական բարենորոգումներու գաղափարներ:

Կարելի է ըսել, որ 15-18-րդ դարերուն միջեւ հայ վաճառականները Մետաքսի ճամբան դարձուցին լուսաւորութեան ճամբայ մը: Անոնք դարձան Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ կամուրջ մը: Իսկ ամէնէն կարեւորը այն է, որ անոնք չմոռցան իրենց ինքնութիւնը եւ Դատը, այլ զարգացուցին զանոնք եւ դարձան դեսպանները ազգի մը, որ պետականութիւն չունէր:

Եոհաննես Լինկնպախ, Հայ վաճառականները Ամսթերտամի մէջ, 1656

Հայ վաճառական մը՝ ըստ Ճիովաննի Կրեվեմպրոչի, 18-րդ դար

Հայկական լեռնաշխարհը՝ ըստ Ժան Լիուլերի, 1655

Yeghia.tash@gmail.com

——————–

Օգտագործուած աղբիւրներ`

– ArtsviBakhchinyan, The activity of Armenian Merchants in International Trade, 2013.
VahanBaibourian, International Trade and the Armenian Merchants in the seventeenth century, 2004
– Immanuel Kant, Anthropology from a Pragmatic Point of View, 1785
E.L. Danielyan, Armenia: Civilization Vector in the History of the Development of the Silk Road, 2013
– Armenia on the Great Silk Road, http://www.atb.am/en/armenia/sights/silkroad/

Հայ Չինական Յարաբերութիւնների Ներկան Եւ Հեռանկարները*

$
0
0

ԱՐԱՐԱՏ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ

Հայ չինական  դիւանագիտական յարաբերութիւնները ուժի մէջ են մտել 1991 թուականից` մէկ տարի անց Հայաստանի Հանրապետութէան անկախութիւնից յետոյ: Վերոնշեալ թուականից յարաբերութիւնները  երկու երկրների միջեւ շարունակում են լինել ո՛չ միայն դրական, այլ նաեւ` ընկերական: Թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Չինաստանը կարեւորում են յարաբերութիւնները այն երկրների հետ, որոնք ունեն հին քաղաքակրթութիւն եւ մշակոյթ: Աւելի՛ն. Հայաստանն ու Չինաստանը ունեն նոյն տեսլականը եւ քարոզում են խաղաղութիւն` միջազգային բեմում: Հայ-չինական յարաբերութիւնները ներկայումս կեդրոնացած են առեւտրի, կրթութեան, ռազմական եւ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտներում: Անհրաժեշտ է յարաբերութիւնները զարգացնել  աւելի տարբեր բնագաւառներում, մանաւանդ երբ  Չինաստանը մեկնարկել է «Մէկ ճանապարհ, մէկ մշակոյթ» նախաձեռնութիւնը: Այս զեկոյցում ներկայացնելու եմ հայ-չինական յարաբերութիւնների կարեւոր իրադարձութիւններն ու ապագայ անելիքների տեսլականը:

Ներկայ ձեռքբերումները

  1. Քաղաքական.- Վերջին տարիներին նկատելի է հայ-չինական յարաբերութիւնների աշխուժացում, եւ դա պայմանաւորուած է հիմնականում «Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան հետ` նախագիծ, որը Չինաստանին անհրաժեշտ է` խորացնելու յարաբերութիւնները աշխարհի հետ: Պետական մակարդակի այցելութիւններից ամենանշանակալին նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնական այցն էր Փեքին, որտեղ Չինաստանի նախագահ Սի Ճինփինի հետ ստորագրուեց համատեղ յայտարարութիւն, որի կարեւոր կէտերից է` ընդլայնել քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական, մշակութային, կրթական եւ այլ ոլորտների համագործակցութեան խորացումը երկու երկրների միջեւ: Կողմերը սատարում են մէկ Չինաստան գաղափարին ու ղարաբաղեան հարցի խաղաղ կարգաւորմանը, ինչպէս նաեւ` երկու երկրների քաղաքական կուսակցութիւնների եւ հասարակական կազմակերպութիւնների յարաբերութիւնների զարգացմանը, համատեղ պայքարին: Միեւնոյն ժամանակ` ընդլայնել յարաբերութիւնները հետազօտական, մետիայի, հասարակական խմբերի, արուեստի եւ այլ ոլորտներում: Վերջերս Հայաստանի Հանրապետութիւնում տեղի ունեցած յեղափոխութիւնից յետոյ, Հայաստանի նոր ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը երկու անգամ ընդգծեց Չինաստանի հետ յարաբերութիւններն է՛լ աւելի խորացնելու անհրաժեշտութեան մասին: Աւելի զարգացնելու մասին: Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանը ընտրուելուց մէկ ամիս անց հանդիպում ունեցաւ Հայաստանում Չինաստանի դեսպան Թիեն Իրլունի հետ, երկու կողմերը կարեւորեցին բոլոր բնագաւառներում յարաբերութիւնների է՛լ աւելի զարգացումը`  առաջնային համարելով  յատկապէս քաղաքական եւ տնտեսական ոլորտները:
  2. Ռազմական.- Պաշտօնական այցելութիւններից անհրաժեշտ է յիշատակել նաեւ նախկին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի Չինաստան այցը, որի ընթացքում ստորագրուեց Չինաստանի կողմից Հայաստանին հինգ միլիոն էուան օժանդակութիւն տրամադրելու համաձայնագիր: Այցելութեան ընթացքում պաշտպանութեան նախարարը հանդիպեց զէնք արտադրող «փոլի կրուպ» եւ «նորինկօ» ընկերութիւնների տնօրէնների հետ:
  3. Գիտութիւն.- Գիտական ասպարէզում նոյնպէս գոյութիւն ունի համագործակցութիւն, 2017-ին Փեքինում տեղի ունեցաւ գիտաժողով` Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի եւ Չինաստանի քաղաքական եւ ընկերային ակադեմիայի միջեւ: Գիտաժողովը բաւականին արդիւնաւէտ էր այն իմաստով, որ հայ գիտնականները ծանօթացան «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեանը: Միեւնոյն ժամանակ կաեւոր ազդակ էր հայ եւ չին գիտնականների հանդիպումն ու կարծիքների փոխանակումը: Աւելի՛ն, վերջերս տեղի ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի 75-ամեակին նուիրուած միջոցառմանը ներկայ էր Չինաստանի Ազգային ակադեմիայի նախագահ Պայ Չուն Լին:
  4. Կրթական.- Կրթական հողի վրայ համագործակցութիւնը բաւականին առաջընթաց է ապրում. վերջերս Երեւանում բացուեց հայ-չինական դպրոցը, որի ծրագիրը հիմնուելու է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթական մոտելի վրայ` լայն ծաւալով դասաւանդուելու է չինարէնը որպէս մասնագիտացուած օտար լեզու: Դպրոցը կառուցուել է միջազգային չափանիշներին համապատասխան եւ ներկայումս ամենամեծ օտարերկրեայ դպրոցն է համարւում Հայաստանում: Հայաստանի Հանրապետութիւնում Խորհրդային Միութեան ժամանակներից ընդունուած է օտար լեզուների մասնագիտութեամբ դպրոցների հիմնումը, օրինակ` ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ այլ թեքումներով. այսուհետ Հայաստանում, վերոնշեալ օտար լեզուների կողքին, աճելու է հետաքրքրութիւնը, նաեւ չինարէն լեզուի հանդէպ: Հայ-չինական դպրոցի առաքելութիւնը իմ կարծիքով, այն է, որ շրջանաւարտ աշակերտները հնարաւորութիւն են ունենալու շարունակել բարձրագոյն կրթութիւնը Չինաստանի համալսարաններում: Սա չափազանց կարեւոր հնարաւորութիւն է հայ ուսանողների համար` հաշուի առնելով այն փաստը, որ այս տարի Չինաստանը գերազանցել է Միացեալ Նահանգներին գիտական հետազօտութիւններով: 2014-ից սկսած` Փեքինի օտար լեզուների համալսարանում դասաւանդւում է հայոց լեզու, եւ հիմա ունենք երկու չին ուսանողներ, որոնք սովորում են Հայաստանի պետական համալսարանում: իսկ Հայաստանի Կոնֆուցիոս դպրոցի հայերէն-չինարէն դասագիրքը ընտրուեց լաւագոյնը Ասիայում եւ Կեդրոնական Ասիայում:

Հետագայ համագործակցութեան հեռանկարները

Քաղաքական

Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր անկախացումից ի վեր հռչակել է վարել բարեկամական յարաբերութիւններ բոլոր երկրների հետ եւ հաւասարակշռել արտաքին քաղաքականութիւնը գերտէրութիւնների հետ: Հայաստանի քաղաքական միտքը յուշում է վերոնշեալ քաղաքականութեան արդիւնաւէտութիւնը` հաշուի առնելով Հայաստանի կացութիւնը` չլուծուած ղարաբաղեան հարց եւ փակ սահման Թուրքիայի եւ Ազրպէյճանի կողմից: Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխուժօրէն յարաբերութիւններն է զարգացնում այն երկրների հետ, որոնք Ղարաբաղի հարցի միակ լուծումը տեսնում են խաղաղ ճանապարհի միջոցով: Հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարելու երկրորդ փաստարկը հայկական սփիւռքն է, որը հիմնականում ստեղծուել է Հայոց ցեղասպանութեան պատ        ճառով: Հայկական սփիւռքը առաջացել է հիմնականում Մերձաւոր Արեւելքում, Ռուսաստանում, Միացեալ Նահանգներում, Քանատայում,  Աւստրալիայում, Եւրոպայում եւ այլ երկրներում: Հայերն այս երկրներում հիմնել են իրենց իւրայատուկ գաղութը` եկեղեցիներով, դպրոցներով, կուսակցութիւններով, թատրոններով եւ այլն: Այստեղ նոյնպէս կարելի է համագործակցութեան եզրեր գտնել հայկական եւ չինական նոր սփիւռքի միջեւ եւ վերհանել երկու գաղութների նմանութիւններն ու պահանջները: Օրինակ` թէ՛ հայերի, թէ՛ չիների համար, այս առումով, կարեւոր է համագործակցութիւնը` տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան հասնելու համար: Հայաստանին խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է   տնտեսութիւնը զարգացնելու համար, իսկ Չինաստանին` «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձնելու համար: Գաղտնիք չէ, որ տնտեսութիւնը զարգացնելու համար անհրաժեշտ է խաղաղութիւն եւ կայունութիւն: Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան 19-րդ համագումարում ասուել է հետաքրքիր նոր միտք` կարեւոր չէ որեւէ երկրի փոքր կամ մեծ լինելը, կարեւորն այն է, թէ ինչպէ՛ս ցանկացած երկիր կարող է գործել եւ համագործակցել: Այսպիսի աշխարհայեացք մենք չենք տեսել այլ գերտէրութիւններից. մեզ յայտնի է արեւմտեան պատկերացումը, երբ մեծերը կլանում են փոքրերին:

Հաշուի առնելով հայ եւ չին պետական պաշտօնեաների յայտարարութիւնները` մեր յարաբերութիւնները բարեկամական են, Հայաստանում եւ Չինաստանում քաղաքական կուսակցութիւնների միջեւ լայն քաղաքական փոխյարաբերութիւնների անհրաժեշտութիւն կայ, մանաւանդ` ընկերվարական կուսակցութիւնների հետ: Օրինակի համար, ՀՅԴ կուսակցութիւնը, որն ունի 128 տարուայ պատմութիւն, այժմ օգտագործում է «Ընկերվարութիւն ազգային արժէքներով» գաղափարը, Իսկ Չինաստանի Համայնավար կուսակցութիւնը օգտագործում է «Ընկերվարութիւն չինական յատկանիշներով»-ը: Այսպիսով, այս երկու կուսակցութիւնների միջեւ համագործակցութիւնը բաւականին արդիւնաւէտ կը լինի` հաշուի առնելով գաղափարական նմանութիւնները: Աւելի՛ն. նոր-ազատականութէան զանգուածային ալիքը սպառնալիք է աւանդական եւ պահպանողական երկրների համար, եւ այդ պատճառով պէտք է դիմակայել միասին` ամրապնդելով յարաբերութիւնները սեփական ազգային յատկանիշներով կուսակցութիւնների հետ:

Երկու երկրների համար էլ աղէտ է այնպիսի ահաբեկչութիւնների վտանգը, ինչպիսին էր «Արաբական գարուն»-ը, որը հարուածեց Մերձաւոր Արեւելքը: Աշխարհի բոլոր ահաբեկիչները լցուել էին Սիրիա, եւ Հալէպի հայ համայնքը ամէն օր յարձակումների է ենթարկուել: Մենք կորցրեցինք աւելի քան 200 անմեղ քաղաքացիներ, եւ գրեթէ մեր բոլոր եկեղեցիները, դպրոցները եւ քաղաքական հաստատութիւնները ռմբակոծուեցին, բարեբախտաբար, հայ համայնքի հաստատակամութեամբ, այժմ էլ վերանորոգւում են հիմնական հաստատութիւնները: Ահաբեկչութիւնն այսօր ամենամեծ վտանգն է, որ կանգնած է մեր առջեւ: Այն նաեւ անհանգստացնում է Չինաստանին, քանի որ Չինաստանում տեղի են ունեցել որոշակի միջադէպեր` ստեղծուած արմատական իսլամական խմբաւորումների կողմից: Այսպիսով, Չինաստանի հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքների` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հաստատակամութիւնը կ՛ուժեղացնեն երկու կողմերին եւ կարող են լինել այն հարթակը, որը կարող է միաւորել այլ երկրների էլ: Վերոյիշեալ ահաբեկչութիւնը ո՛չ միայն վտանգեց Մերձաւոր Արեւելքի հայերին, այլեւ` Հայաստանը: Հաշուի առնելով, որ առաջին ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ ժիհատական զինեալները միացան ազրպէյճանական կողմին: Աւելի՛ն. Ազրպէյճանը փորձում է ցոյց տալ, որ հակամարտութիւնը հիմնուած է կրօնի վրայ, որն իրականում չկայ: Միեւնոյն ժամանակ Թուրքիան ցոյց է տալիս փառատենչութիւն` վերականգնելու իր դերը:

Այս առումով, Հայաստանը եւ Չինաստանը պէտք է համագործակցեն պաշտպանական ոլորտում, ինչպէս նաեւ` համատեղ զօրավարժութիւններով:

Սփիւռքի հարցի հետ կապուած` հայկական սփիւռքի իրականութիւնը աշխարհում նորաստեղծ սփիւռքների համար առանցքային մոտել է: Աշխարհում գոյութիւն ունի ընդամէնը 2 լաւ կազմակերպուած սփիւռք` հայկական եւ հրէական: Հայ-չինական յարաբերութիւնները կարող են զարգանալ նաեւ այլ երկրներում` հաշուի առնելով Աւստրալիայում եւ Քանատայում մեծ թուով չինական համայնքը: Հնարաւոր այս փոխազդեցութիւնը առաջին հերթին հնարաւորութիւն կը տայ երկու երկրների համայնքներին միմեանցից սովորել եւ կիսուել փորձով: Մէկ այլ համագործակցութեան տարբերակ է Չինաստանի հայ համայնքը, որը բաղկացած է  600 հոգուց: Չինաստանում հայերը հիմնականում բնակւում են Կուանկժու, Նանճինկ, Շանկհայ եւ Հոնկքոնկ քաղաքներում: Փաստաբաններն ու ֆինանսիստները մեծամասնութիւն են կազմում: Չինաստանի հայերը ամէն տարի միասին հաւաքւում են ապրիլի 24-ին` այցելելու Նանճինկի Ցեղասպանութեան թանգարան եւ ծաղիկներ խոնարհում Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յուշահամալիրում: Այսպիսով, չնայած դա դրական իրադարձութիւն չէ, սակայն, ինչպէս հայերը, այնպէս էլ չիները, զոհ են դարձել ցեղասպանութեան ` ատելութեան պատճառով:

Մենք յաճախ յիշում ենք մեր երկրների հին քաղաքակրթութեան եւ հարուստ պատմութեան մասին, բայց մենք չենք ուսումնասիրել մեր երկրների միջեւ դեռեւս շատ վաղուց գոյութիւն ունեցող փոխգործակցութեան մասին: Հայաստանի հին ձեռագրերի գիտահետազօտական հաստատութիւնում դեռեւս հնագոյն Մետաքսի ճանապարհից հայ-չինական յարաբերութիւնների մասին փաստագրական փաստաթղթեր եւ տեղեկութիւններ կան, եւ ես վստահ եմ, որ Չինաստանը շատ աւելի նման փաստաթղթեր ունի: Ցանկալի է ստեղծել հայ եւ չինական պատմաբանների խումբ, հրապարակել այդ փաստերը եւ հանրութեանը յայտնի դարձնել: Հայ ու չին մարդիկ այդ մասին չգիտեն: Որպէս ակադեմիկոսներ` մեր պարտքն է տեղեկացնել ժողովրդին անցեալի դրական ձեռքբերումների մասին` աւելի արդիւնաւէտ ապագայ ունենալու համար: Բացի այդ, անհրաժեշտութիւն կայ հայ գրողների կարեւոր գործերի հրատարակմանը Չինաստանում եւ հակառակը` չին գրողներինը Հայաստանում: Բարեբախտաբար մենք ունենք Կոնֆուցիոսի եւ Սան Ցզիի հայերէն տարբերակը, բայց ես վստահ եմ, որ կարող ենք այս ոլորտում աւելի շատ ջանքեր գործադրել:

Օրինակ` Չինաստանի նախագահ Սի Ճինփինը մի քանի արժէքաւոր գրքեր ունի, որոնք թարգմանուել են բազմաթիւ լեզուներով, բայց` ոչ հայերէն: Միւս կողմից մենք ունենք բազմաթիւ հայ ազգային մտածողներ, որոնք կարող են արժէքաւոր լինել չին ընթերցողների համար, օրինակ` Սարգիս Զեյթլեանի, Րաֆֆիի, Լեւոն Խեչոյեանի, Հրանդ Մաթեւոսեանի եւ ուրիշների ստեղծագործութիւնները: Եւրոպացի մտածողների եւ գրողների բազմաթիւ գրքեր են թարգմանւում հայերէն: Վերջին հրապարակումն էր Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի գիրքը: Ընդ որում, կարեւոր է նաեւ հայ եւ չինական մի շարք յայտնի գիտնականների համարկումը Հայոց ցեղասպանութեան եւ Նանկենի ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանը եւ նմանատիպ հարցերի վերաբերեալ համատեղ հրատարակութիւն ներկայացնելը:

Ընկերային

Հասարակական կազմակերպութիւնները այսօր աշխարհում, յատկապէս արեւմտեան հասարակութիւններում արագօրէն տարածւում  են: Հայաստանում այդ արտասահմանեան հաստատութիւններին թերահաւատօրէն են մօտենում, բայց վերջին տարիներին երիտասարդների շրջանում հետաքրքրութիւն է առաջանում «ժողովրդավարութեան» եւ «մարդու իրաւունքներին» վերաբերող հասարակական կազմակերպութիւնների հանդէպ: Պէտք է խոստովանեմ, որ նրանք արդիւնաւէտ կերպով աշխատում են, եւ կազմակերպւում են սեմինարներ, հրատարակութիւններ, բացօթեայ իրադարձութիւններ եւ այլն: Հայ եկեղեցին եւ ազգային կուսակցութիւնները ներկայացնում են իրենց բացասական վերաբերմունքը ներմուծուած գաղափարների հանդէպ, եւ այդ պատճառով պէտք է համագործակցել այնպիսի ճակատների միջեւ, որոնք վտանգ են ներկայացնում նոր-ազատական արժէքներին: Կարծում եմ, որ Հայաստանում եւ Չինաստանում միասնական կեդրոններ ստեղծելու անհրաժեշտութիւն կայ` շարունակաբար գործելու եւ ժողովուրդների միջեւ կապեր հաստատելու համար տարբեր ոլորտներում (պատմութիւն, փիլիսոփայութիւն, նկարչութիւն, երաժշտութիւն, բանաստեղծութիւն, շարժանկար եւ այլն):

Վերջաբան

Վերեւում նշեցի այն հնարաւորութիւնները, որ հայերն ու չիները կարող են զարգացնել յարաբերութիւնները ինչպէս երկու պետութիւնների, այնպէս էլ ժողովուրդների փոխյարաբերութիւններում: Հիմա, ես կը ցանկանայի նշել որոշ գործօններ աւելի գործնական մակարդակի վրայ, թէ ի՛նչ կարող ենք սովորել միմեանցից: Վերջին 5 ամիսների ընթացքում իշխանութեան եկած Հայաստանի Հանրապետութեան նոր կառավարութիւնը, նախ եւ առաջ, եկաւ փտածութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութեան տեսլականով: Այս հարցում Չինաստանը հասել է յաջող մակարդակի: Կարծում եմ` արժէքաւոր կը լինի, եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները հաշուի առնեն փտածութեան դէմ պայքարում չինական փորձը: Մէկ այլ կարեւոր խնդիր, որը Չինաստանին յաջողուեց, աղքատութեան նուազեցումն է: Ի հարկէ, իւրաքանչիւր երկիր ունի իր ուրոյն պայմանները, բայց ես հաւատում եմ, որ արժէքաւոր կը լինի փորձագէտների եւ պաշտօնեաների համար` իմանալ դրական արդիւնքների հասնելու փորձի մասին: Միեւնոյն ժամանակ հայերը եւ յատկապէս ազգային գաղափարախօսութեամբ  կուսակցութիւնները կարող են բացայայտել աւելի քան 100 տարիների ազգային արժէքների պահպանման մեքանիզմներն ու դրանց գործադրումը: Միւս կողմից` քաղաքական եւ հասարակական կեանքում ազգային արժէքների ներառման հայկական փորձը արժէքաւոր կը լինի Չինաստանի իշխանութիւնների համար, թէ ինչպէ՛ս պէտք է յարմարեցնել Չինաստանի յատկանիշները  քաղաքականութեան եւ հասարակութեան մէջ: Նորաստեղծ չինական սփիւռքի համար արդիւնաւէտ կը լինի հիմնուել հայկական սփիւռքի փորձի վրայ` պահպանելու չինական կերպարը: Աւելի՛ն. հայերը բաւականաչափ գիտելիք ունեն կրօնական ծայրայեղութեան մասին` հաշուի առնելով վերջին 130 տարիների պայքարը Օսմանեան կայսրութեան դէմ: Համաիսլամական արմատական գաղափարախօսութեանը չի կարելի յաղթել միայն ռազմական միջամտութեամբ: Մենք պէտք է այդ մարդկանց սովորեցնենք նրանց ճշմարիտ կրօնը ոչ թէ` խեղաթիւրուածը, որը տարածւում է արմատական հոգեւորականների կողմից: Այսպիսով, ես կարծում եմ, որ չին փորձագէտները կ՛օգտուեն հայկական սփիւռքի ձեւաւորման փորձից եւ կրօնական ծայրահեղականութեան զսպման մեթոտներից:

* Այս գրութիւնը ներկայացուած է իբրեւ զեկուցում` 11 – 12 նոյեմբերին Փեքինի մէջ տեղի ունեցած «Նոր Հայաստանը եւ նրա տարածաշրջանային կարեւորութիւնը» վերնագիրով գիտաժողովին:

Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի Ուշադրութեան – Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

$
0
0
Տիկի՛Ն Աննա …Քայլ Արա Եւ
Ընդունէ Արեւմտահայերէնը

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Պահի՛ր նրան բարձր ու վճիտ,
Արարատի Սուրբ ձիւնի պէս,
Պահիր նրան սրտիդ մօտիկ,
Քո պապերի աճիւնի պէս,
Ու ոսոխի զարկիցը սեւ
Դու պաշտպանի՛ր կրծքով նրան,
Ինչպէս մօ՜րդ կը պաշտպանես,
Թէ սուր քաշեն մօրդ վրայ,
Ու տե՛ս, որդիս, ո՛ւր էլ լինես
Այս լուսնի տակ ու՜ր էլ գնաս,
Թէ մօ՛րդ անգամ մտքից հանես,
Քո մա՜յր լեզուն չմոռանաս …

Անմահն Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» յաւերժական պատգամը կը գերազանցէ հայրենի  այժմու քաղաքական վիճակին առնչուող եւ կտակի բնոյթ ունեցող «Ապստամբութիւն»  բանաստեղծութիւնը:

Սփիւռքի այլազան հոսանքներու եւ յարանուանութեանց  հովանիին տակ գործող տարբեր հայկական վարժարաններու ծրագիրին մաս կը կազմէ վերոնշեալ ոտանաւորին ուսուցումը, որ Տէրունական աղօթքի նման` ոմանք կը կրկնեն մինչեւ իրենց վերջին շունչը:

Այս դաստիարակութենէն մեկնած, ընդհանրապէս որպէս սկզբունք` հայոց լեզուի պաշտպանութեան  եւ մասնաւորաբար արեւմտահայերէնի գուրգուրանքին  ու պահպանումին, պարտք զգացի ստորեւ գրել…

Ժընեւահայ գաղութը դեկտեմբերի կէսերուն մէկ շաբաթ տեւողութեամբ պատիւը ունեցաւ «աշխատանքային այցով» հիւրընկալելու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի տիկինը` Աննա Յակոբեանը:

Ժողովրդային առաջին եւ վերջին հանդիպումը կայացաւ ժամանման օրը, 12 դեկտեմբերի երեկոյեան, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, շուրջ երկու հարիւր հոգիի ներկայութեամբ:

Տիկին Աննան իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ «Իմ քայլը» բարեսիրական ծրագրին վրայ, ընկերակից գործավարին օժանդակութեամբ  եւ իր ակնկալութիւնները յայտնեց այս գործին հանգանակութեան մասին` բացատրելով նաեւ նպատակները:

Ելոյթի աւարտին Ժընեւէն եւ հեռաւոր քաղաքներէն ժամանած  այլազան բնագաւառներու մասնագիտութեամբ պարապողներ իրենց առաջարկներն ու ծրագիրները ներկայացուցին նոր Հայաստանի վերականգնումին համար:

Իմ կարգիս մտահոգութիւն յայտնեցի Սուրիոյ տագնապի սկզբնաւորութեան ընթացք առած արտագաղթի մասին` յուսալով, որ նոր վարչակարգը աւելի կարեւորութեամբ կը հետեւի հալէպահայերու ներգաղթին,  յատկապէս` ճարտարարուեստի մարզի վարպետներուն դիւրութիւններ տալով, հիմնուելով վարչապետի յայտարարութեան «տնտեսական յեղափոխութեան» կարեւորութեան վրայ:

Մեկնումի պահուն «սելֆի» նկարուելու հերթի կանգնածներու շարքին, որ կը դասաւորուէր երկու թիկնապահներու կողմէ, կարողացայ մօտենալ տիկին Աննային` ներկայացնելով ժընեւահայ գաղութի երկամսեայ պարբերաթերթի` «ԱՐՁԱԳԱՆԳ»-ի վերջին թիւը, ուր գրախօսած էի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` «Երկրի հակառակ կողմը» հատորը, խնդրելով ամուսնոյն հասցնել եւ արտատպել «Հայկական ժամանակ»-ին մէջ, որուն խմբագրապետն է տիկին Աննան:

Սիրով կը յանձնեմ, «բայց… ՄԵՆՔ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՉԵՆՔ ՏՊԵՐ», եղաւ տիկին Աննային կտրուկ պատասխանը:

Լախտի հարուածի նման ստացած պատասխանս Զաքարիա մարգարէի պապանցումին մատնեց լեզուս:

«Մենք արեւմտահայերէն չենք տպեր». այս կարճ նախադասութեան ականջալուր եղայ` շօշափելով անհանդուրժելի մտայնութիւն մը, որ ցնցեց թաւշեայ յեղափոխութեամբ ապրող էութիւնս:

Հիմա պիտի ըսեմ` ՔԱՅԼ ԱՐԱ… ԵՒ ԸՆԴՈՒՆԷ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ:

Թաւշեայ յեղափոխութեան վարդագոյն շողերը աշխարհասփիւռ մեն մի հայատրոփ սիրտ խռովեց: Հայրենիքի գաղափարը իր դաստիարակութեան առանցքը ընդունող արեւմտահայը նոյնքան իր գուրգուրանքն ու սէրը կը տածէ հարիւրամեայ անկախ հայրենիքին հանդէպ, երբ տակաւին չէ սպիացած մեծ վէրքը` իր կորսնցուցած պատմական հայրենքի տարածքները, Արեւմտահայաստանը:

Արեւմտահայերէնը  մեզի հետ բերուած է որպէս անկորնչելի  գանձ, որ ոչ մէկ հարստութեան հետ կարելի է փոխարինել:

Հայոց պատմութեան մեծագոյն դէմքի` Մեսրոպ  Մաշտոցի ստեղծագործած սրբազան տառերը ոսկեդարեան գրաբառով, ապա շուրջ մէկուկէս դար առաջ Աբովեանով սկսած արեւելահայերէնի զուգահեռ, պոլսահայ գրողներու ճիգերով ծնունդ առաւ արեւմտահայերէնը, որոնք  միասնաբար ծաղկած են` հասնելով այսօրուան բիւրեղ հայերէններուն. անոնք կը նմանին որեւէ ծնողքի երկուորեակ զաւակներուն:

Թուրքի եաթաղանի նման` խորհրդային «բարիքներ»-ու շարքին մեր լեզուն ալ ստացած է աբեղեանական ուղղագրութեան հարուածը`  իրարմէ հեռացնելով մեր զոյգ մշակոյթները: Մեսրոպեան դասական ուղղագրութեան վերադառնալու կոչերը … «Ձայն բարբառոյ յանապատի» են երեսուն տարիէ ի վեր:

Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զանազան մարմիններու շարքին կը գործէ «Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով» մը` բաղկացած շուրջ քսան սփիւռքահայ մտաւորականներէ: Անոնցմէ մին` հալէպահայ հրապարակագիր Լեւոն Շառոյեան, վերջերս Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի մամուլի լսարաններու շարքին հանդէս եկաւ «Արեւմտահայերէնը եւ արեւմտահայերէնի պահակները» նիւթով, ուր ներկայացուց երկու պահակախումբեր` դպրոցներ եւ մամուլ, որոնք սփիւռքի տարածքին կը պահպանեն մայրենին` առանց խտրութիւն դնելու Մաշտոցի երկուորեակներու միջեւ: Արտասահմանեան  մամուլին մէջ կողք-կողքի կը կարդանք երկու լեզուներով յօդուածներ, մեր աշակերտներու շուրթերէն կը լսենք Պարոյր Սեւակի ու Վահան Թէքէեանի ոտանաւորները, մեր դասագիրքերուն մէջ տեղ գտած են Րաֆֆին ու Շիրվանզադէն, Դաշտենցն ու Շիրազը` իրենց արեւմտահայ գրչեղբայրներ Մուշեղ Իշխանի ու Արփիարեանի, Արամ Հայկազի ու Երուանդ Օտեանի  հետ: Եւ վերջապէս, մարդասէր գրագիտուհի Զապէլ Եսայեանը արեւմտահայ էր, ներգաղթեց  հայրենիք… ուր ան  նահատակուեցաւ:

Հայաստանի Առաջին տիկնոջ հոգեբանութիւնը շօշափելով,  որ նաեւ լրագրող է, մտահոգուած եմ արեւմտահայ գրականութեան  ճակատագրով հայրենի հողին վրայ, անոր գագաթներէն` «Յակոբ Պարոնեան»-ի անուան խորհրդային օրերէն հիմնուած թատրոնը Երեւանի մէջ կրնա՞յ անուանափոխուիլ, ուր արեւմտահայ թատերագիրներու ստեղծագործութիւնները կը ներկայացուին արեւմտահայերէնով:

Սփիւռքահայ  երիտասարդներ, երբ նահատակուեցան Արցախի անկախութեան ի խնդիր, գիտէին, որ հոն ապրող ժողովուրդը արեւելահայերէն կը խօսի եւ իրենք` արեւմտահայերէն:

Եւ վերջապէս` հաստատում մը, որ իւրաքանչիւր գիտակից հայ  պարտաւոր է իմանալ: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 20-րդ յօդուածը կ՛ըսէ. «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայերէնն է»:  Հոն չկայ խտրութիւն արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի:

Վերադառնալով տիկին Աննայի այցելութեան, ան պատշաճօրէն, ճանապարհորդութեան աւարտին, յստակ թիւերով ներկայացուց իր կատարած հանգանակութեան եւ ծախսերուն գումարները: Շնորհակալութի՛ւն: Լաւ կ՛ըլլար իմանալ նաեւ,  թէ որքանո՛վ արեւմտահայ բարերարներ նպաստած են այս առիթով:

Ազնուփայլ հիւրը իր պետական հանդիպումներու շարքին այցելեց Ս. Յակոբ եկեղեցի, ներկայ գտնուեցաւ Թօփալեան միօրեայ վարժարանի Կաղանդի հանդիսութեան, հովանաւորեց երկրաշարժի երեսնամեակի նուիրուած երաժշտական երեկոն: Ան մասնակցեցաւ նաեւ զուիցերահայ վերնախաւի հաւաքներուն, երեւոյթ մը, որ յիշեցուց լուծարքի ճակատագրին արժանացած Սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնին տասնամեակ մը միահեծան նստած նախարարուհին:

Զուիցերիահայ գաղութին մէջ օրէ օր աճող եւ արդէն իսկ գաղութին մեծամասնութիւնը կազմող Հայաստանէն արտագաղթողները, որոնցմէ ոմանք տակաւին կ՛ապրին հանրակացարաններու մէջ, արժանի չեղան հաւաքական հանդիպումին: Նկատի ունենալով, որ թաւշեայ յեղափոխութեան գլխաւոր լոզունգի` «Մեծ հայրենադարձութեան» առաջին քայլը  կը սկսի հեռաւոր այս կայքերէն:

Այսօր, երբ սեւի եւ ճերմակի հոգեբանութիւնը  կը տիրապետէ հայրենի քաղաքական կեանքի բեմահարթակին վրայ, խոհեմութիւն է ըլլալ զգօն եւ համբերատար` լաւատես ակնկալութեամբ` դիտելով նոյնիսկ յոռի երեւոյթները: Սակայն մայրենիի հանդէպ որեւէ արհամարհում մեզ կը դասէ Մաշտոցի թիկնազօրի շարքին:

Վերոյիշեալ նիւթը թուղթին յանձնելէ առաջ պատմեցի բարեկամի մը,  պատասխանը եղաւ… «Նիկոլի երեւակայական ճանապարհորդութիւնը սկսած է դառնալ ընտանեկան ծրագիր»:

Հայ ժողովուրդը 2019 տարին կը դիմաւորէ թաւշեայ ուրախութեամբ, լաւատես ոգիով: Տասը միլիոն հաշուող Հայկ նահապետի շառաւիղները, ի Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռս աշխարհի, պահանջը կը զգան եւ իրաւունք ունին արդար ու անկողմնակալ վերաբերմունքի` հայրենի նորընտիր ղեկավարութեան կողմէ:

Ժընեւ, 1 յունուար 2019                 

Դաշնակցութիւնը Շերտերու Բաժնելու Բոլոր Փորձերը Դատապարտուած Են Ձախողման. Արմաւիրի Մէջ Վերաբացուեցաւ «Արամ Մանուկեան» Կեդրոնը

$
0
0

14 յունուարին Արմաւիրի մարզին մէջ կայացաւ ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» վերանորոգուած մարզային կեդրոնի բացման արարողութիւնը:

Կեդրոնը, ուր կը գործեն տարածքային երեք` Արմաւիրի «Խնուս», Էջմիածնի «Վաչէ Ռոստոմեան» եւ Բաղրամեանի «Սիմոն Զաւարեան» կոմիտէներն ու Հայ օգնութեան միութեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Արմաւիրի մարզի գրասենեակները, վերանորոգուած է ՀՅ Դաշնակցութեան` Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Հոլանտայի կառոյցներու աջակցութեամբ:

«Երկիր»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Սպարտակ Ղարաբաղցեանը նշեց, որ կեդրոնին վերաբացումը անգնահատելի կարեւորութիւն ունի: «Սա ՀՅԴ-ի 128 տարուան պատմութեան դրուագներից է, քանի որ Դաշնակցութիւնն այդ տարիների ընթացքում իր գաղափարակիցներին հաւաքելու տարբեր ճանապարհներ է անցել, եւ այսօր այդ գաղափարախօսութիւնն ամրապնդելու եւ աւելի լայն շրջանակների հասցնելու նպատակով նման կեդրոնների ստեղծումը շատ կարեւոր է», ըսաւ ան:

Ղարաբաղցեանը նաեւ կարեւոր նկատեց այն փաստը, որ կեդրոնը վերականգնուած է Դաշնակցութեան` սփիւռքի կառոյցներու աջակցութեամբ, ինչը մէկ անգամ եւս կը վկայէ, որ ՀՅԴ-ն համազգային  կառոյց է:

Դաշնակցական հերոսներու նկարներով եւ մուտքին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի նկարով պատկերազարդուած կեդրոնի բացման արարողութեան ներկայ էին ոչ միայն Արմաւիրի դաշնակցականները, այլեւ` Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն եւ Հոլանտայէն ժամանած դաշնակցականներ, արցախեան ազատամարտի հերոսներու հարազատներ, զինակիցներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկած «Արամ Մանուկեան» Մարզային կոմիտէի նախագահ Արամայիս Մխիթարեանը շնորհակալութիւն յայտնեց կեդրոնի վերանորոգութեան համար աջակցութիւն ցուցաբերած ՀՅԴ կառոյցներուն` խոստովանելով, որ անիկա չէր իրագործուեր առանց անոնց ջանքերուն:

Օրուան առիթով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի փոխհերթապահ Յովսէփ Տէր Գէորգեանը: Ան նշեց, որ Դաշնակցութեան կենսափորձը ցոյց  տուած է, որ ՀՅԴ կեդրոններու մէջ է, որ բազմաթիւ սերունդներ ստացած են իրենց մարդկային եւ ազգային ատաղձը, դաստիարակուած են ի խնդիր Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման, Հայ դատի պայքարի ընդարձակման ու սփիւռքի առաւել կազմակերպման` մշակելով եւ իրագործելով անհամար ծրագրեր:

«Գիտակցելով նմանատիպ կեդրոններու նշանակութեան` մեր թշնամիները փորձած են զանազան միջոցներով հարուածել: Այս գրասենեակներուն համար վիրաւորուած եւ զոհուած են մեր բազմաթիւ ընկերները, համակիրները եւ, վերջապէս, Հայ դատի պայքարի ու արցախեան ազատամարտի ճամբուն վրայ մեր բազմաթիւ ընկերները  այստե՛ղ առած են իրենց առաջին քայլերը: Արմաւիրի այս գրասենեակին վերանորոգումը բազմաթիւ տարիներ մաս կազմած է Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ծրագրին: Սակայն վերջին տարիներուն ապրիլեան պատերազմի ընթացքին տուժած ընտանիքները, արցախեան բանակի եւ Սուրիոյ մէջ մեր հայրենակիցներու օգնութեան հարցը եղած են մեր առաջնահերթութիւնները: Սակայն, քանի որ Դաշնակցութեան որոշումը վաղ թէ ուշ կը գործադրուի, ահա այսօր մենք այստեղ ենք», ըսաւ Տէր Գէորգեանը:

Անոր խօսքով, այս ծրագրի իրականացումը յստակ պատգամ է բոլոր անոնց համար, որոնք «ներսի ու դուրսի, սփիւռքի ու Հայաստանի, Արեւմուտքի ու Արեւելքի» Դաշնակցութեան միջեւ հակասութիւններ եւ բաժանումներ կ՛ուզեն տեսնել: «ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի նախօրէին այս համեստ, սակայն խորհրդանշական աշխատանքը եւս մէկ անգամ կը փաստէ, որ Դաշնակցութիւնը շերտերու բաժնել միտող բոլոր փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան», եզրափակեց Տէր Գէորգեանը` աւելցնելով. «Դաշնակցութեան կեդրոնները կեդրոն ըլլալէն վեր են, անոնք ժողովուրդի տունը պէտք է հանդիսանան»:

Այնուհետեւ ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի մէջ Հայկական միութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը: «Մենք հաւատացած ենք, որ Դաշնակցութիւնն ամենալաւ կազմակերպութիւնն է հայ ժողովուրդին համար: Դաշնակցութիւնը, այո՛, արդէն կը նշէ իր 129-ամեակը, սակայն չսխալինք, ընկերնե՛ր, Դաշնակցութիւնը ապագայի կուսակցութիւն է: Անշուշտ Դաշնակցութիւնն ունի բոլոր տեսակի փորձառութիւններ, որ հայ ժողովուրդին մատուցէ փայլուն ապագայ, սակայն, ցաւօք, մինչ օրս չէ կրցած համոզել ժողովուրդը` իրեն վստահելու հարցին մէջ: Բայց կու գայ օրը, երբ Հայաստանի ժողովուրդը նոյնպէս կը վստահի Դաշնակցութեան: Ժամանակի հարց է: Եւ երբ գայ Դաշնակցութեան վստահելու օրը,  պիտի ըսեն` ինչո՞ւ առաջ չենք վստահած», ըսաւ ան:

Փափազեանին համոզումով, հայ ժողովուրդը փայլուն ապագայ կ՛ունենայ այն ժամանակ, երբ հաստատուի «Մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ, մէկ հանրապետութիւն» գաղափարը: «Ասիկա միայն Դաշնակցութիւնը կրնայ հաստատել այս երկրին մէջ: Հիմա աշխատանք պէտք է տանինք, որպէսզի մեր քաղաքացիները մեզի հաւատան: Իսկ ատոր համար պէտք է մտնենք ժողովուրդի մէջ, ըլլանք ժողովուրդի կողքին, աշխատինք ժողովուրդի համար», նշեց ան` աւելցնելով. «Դաշնակցութիւնը մէկ է, միակամ է, եւ անգամ եթէ ունինք մեր մէջ տարբերութիւններ, ինչը շատ բնական է աշխարհի 30 երկիրներու մէջ գործող կուսակցութեան համար, ատիկա մեր հարստութիւնն է»:

Այնուհետեւ, Մուրատ Փափազեանի գլխաւորութեամբ, կայացաւ երդման արարողութիւն, եւ ՀՅԴ շարքերը համալրուեցան նոր անդամներով:

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live