Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12108 articles
Browse latest View live

Խմբագրական. Արտախորհրդարանէն Դէպի Խորհրդարան Նրբանցքներ Հարթելու Պահը

$
0
0

Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի կամարտայայտութեան երկրորդ կարեւոր փուլը կայացած է արդէն: Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները չեն վիճարկուիր մասնակից որեւէ քաղաքական ուժի կողմէ. առընթեր` թէ՛ ընտրութիւնները մշտադիտարկողները, թէ՛ միջազգային լրատուադաշտի ներկայացուցիչները եւ թէ՛ գերտէրութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաները դրական  գնահատականներ կը հնչեցնեն ընտրութիւններու կայացման եղանակին մասին` ժողովրդավարական օրինաչափութիւններու յարգումի ընդհանուր շրջանակներուն մէջ:

Նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին միջազգային կանոններով կազմակերպուած բանավէճերը, ընտրական համակողմանի գործընթացներու լուսաբանման հաւասար կարելիութիւններու ընձեռումը, բայց մանաւանդ ընտրութեան ազատ, անկաշկանդ եւ թափանցիկ կայացումը ժողովրդավարացման ճանապարհին նշաձողի նոր աստիճանաչափ նուաճեցին մեր պետութեան:

Ձեւաւորուած է խորհրդարանական համակարգի առաջին խորհրդարանը. 132 հոգինոց խորհրդարանին մէջ «Իմ Քայլը» դաշինքը ունի 88 պատգամաւոր, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը` 26 եւ «Լուսաւոր  Հայաստան»-ը` 18: Թուաբանական այս պատկերը ինքնին կ՛ենթադրէ, որ քաղաքագիտական առումով կայ գլխաւոր ուժ, որ համաձայնական կառավարութիւն կազմելու որեւէ անհրաժեշտութիւն չունի` ապահոված ըլլալով կայուն մեծամասնութիւն:

Գործող Սահմանադրութեամբ ընդդիմութեան տրուած ընդլայնուած լիազօրութիւնները այս պարագային ընդդիմութեան վերապահուած պաշտօններ եւ գործառոյթներ ապահովելով հանդերձ, ըստ էութեան հակակշիռ-զսպիչ դեր կատարելու կարելիութիւնը չեն ստեղծեր: Պարզ է տրամաբանութիւնը. երկրորդ ուժի ղեկավարը արդէն յայտարարած է, որ գործող մեծամասնութիւնը ներկայացնող վարչապետին հետ համագործակցելու հակուած է, մինչ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը ըստ էութեան ծրագրային հակասութիւններ չունի գործող մեծամասնական դաշինքի հրապարակած առաջադրանքներուն հետ:

Հաստատութենական ընդդիմութեան կայացման նախադրեալները, գէթ այս պահու դրութեամբ, շատ տեսանելի չեն: Խորհրդարանը գաղափարաբանական գետնի վրայ  կը յատկանշուի միաձոյլ ազատականութեամբ:

Տուեալներու բացակայութեամբ, այսուհանդերձ կայ ընդհանուր համապատկերի տպաւորութիւն, որ խորհրդարանը բաղկացնող պատգամաւորներու գերակշիռ մասը քաղաքացիական գործիչի (աքթիվիստի) կարգավիճակէն կտրուկ անցում կը կատարէ դէպի օրէնսդիր դաշտ, դէպի պետական-խորհրդարանական միջավայր: Պատգամաւորներու երիտասարդ նկատելի թիւ մը, որ իր հանրային կենսափորձը շահած է քաղաքացիական շարժումներու ծաւալած գործունէութեամբ:

Նուազ թիւերով, սակայն առաւել քաղաքական փորձառութեամբ, եւ միւս կողմէ` շատ թիւերով, սակայն նուազ քաղաքական, բայց առաւել քաղաքացիական գործունէութեան փորձառութեամբ պատգամաւորներու համատեղումով ձեւաւորուած խորհրդարանի մը փաստը կայ այսօր Ազգային ժողովի բաղադրատարրերուն ծանօթանալ ուզող հետեւողին առջեւ:

Այս իրողութիւնները կը յուշեն, որ գաղափարաքաղաքական բնոյթի քննարկումներու արտախորհրդարանական միջավայրի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը պիտի զգացուի հետզհետէ. այլ խօսքով` արտախորհրդարանական հաստատութենական ընդդիմութեան մը կազմութիւնը, որ զուգահեռ խորհրդարանին, պիտի ապահովէ հանրային քննարկումներու հնչեղութիւն` անվտանգութեան խնդիրներու, տնտեսական հարցերու, արցախեան հակամարտութեան, ընկերային, կրթական, մշակութային, հայրենիք -սփիւռք ոլորտներուն եւ անշուշտ  ընդհանրապէս արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններուն: Բնականաբար այս բոլոր խնդիրները կ՛ենթարկուին խորհրդարանական քննարկումներու, կ՛ունենան օրինագիծի տեսք, կը վերածուին օրէնքի: Միաբեւեռ էութեամբ խորհրդարանը, սակայն, թէ՛ հակակշիռ-զսպիչ համարժէք գործօնի բացակայութեան եւ մանաւանդ բազմակարծութեան բացը լրացնելու առաջադրանքով արտախորհրդարանէն դէպի խորհրդարան միտքերու եւ գաղափարներու նրբանցքներ հարթելու անհրաժեշտութեան առջեւ է: Որքան բազմանան խորհրդարանական-արտախորհրդարանական ուժերու համատեղ լսումներն ու քննարկումները, այնքան կը շահի այսօրուան միաբեւեռ խորհրդարանը:

Իսկ արտաքին մարտահրաւէրներու դիմակայման համար կամ ընդհանրապէս արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններու իրացման ընթացքին  միակուսակցական կառավարութիւնը արհեստավարժ մարդուժ գործի լծելու առընթեր էապէս հրամայական անհրաժեշտութիւնը պիտի զգայ խորհրդարանին այսօր մաս չկազմող, սակայն ըստ էութեան համահայկական տարողութիւն եւ ցանցային կառոյց ունեցող կազմակերպութիւններուն հետ նպատակաուղղուած համագործակցութեան: Յատկապէս, Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանին զինուժ վաճառելու արգելքներու սահմանման, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման, Եւրոպական Միութեան հետ համարկումի ծրագիրներու վաւերացման եւ նման գերակայ կարեւորագոյն ուղղութիւններու իրականացման համար:

Գործադիրէն ետք արդէն իսկ օրէնսդիրին մէջ մեծամասնութիւն կազմող միակուսակցական-միադաշինք դրութիւնը պետականաշինութեան եւ թռիչքաձեւ զարգացումներ ապահովելու համար ներառական մեքանիզմներ յառաջացնելու անհրաժեշտութեան առջեւ կանգնած է:

 


Սփիւռքի Նախարարութեան Գործընթացը, Բայց Նաեւ` Շարունակականութիւնը

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու կազմակերպչական օղակը, սկսելով իմ պատանեկան-երիտասարդական տարիներէն, կու գար երկրորդ հանրապետութենէն, որ այդ օրերուն կը կոչուէր Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէ: Երրորդ հանրապետութեան հետ ստեղծուեցաւ սփիւռքի նախարարութիւնը. այս իմաստով բաւական ճամբայ կտրած ենք Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու գործընթացին մէջ մէկ կողմէ կազմակերպչական կառոյցի եւ ցանցի յատակագիծով, բայց նաեւ` յայտագիրներու մշակման եւ զարգացումներու առումով: Հայկական սփիւռքը, ինչ խօսք, ունի իւրայատուկ դրուածք` մեկնելով պատմական այն իրողական վիճակէն, թէ մեծ համեմատութեամբ հետեւանք էր Ցեղասպանութեան եւ տեղահանումի: Ասիկա հայկական սփիւռքին կու տայ իւրայատուկ կարգավիճակ, բայց նաեւ` նոյնքան իւրայատուկ մարտահրաւէր:

Երրորդ հանրապետութենէն ետք Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները զգալի եւ շեշտակի կերպով զարգացան ու աճեցան: Հայաստան` որպէս անկախ պետականութիւն եւ երկիր,  դարձաւ աշխարհասփիւռ հայութեան կիզակէտը: Անցնող աւելի քան քսանեօթը երկար տարիները եղան ուսանելի, բայց նաեւ` հայրենիք եւ սփիւռք զիրար հասկնալու, միասին գործելու, երկիրը շէնցնելու եւ զարգացնելու մեծ պատեհութիւն եւ ներդրում: Այսօր Հայաստան-սփիւռք կը գտնուինք այնպիսի կարգավիճակի մը մէջ, երբ զիրար շատ աւելի լաւ հասկցած եւ իրարու հետ շատ աւելի լաւ մէկտեղուած ենք: Այս զարգացումին մէջ սփիւռքի նախարարութիւնը եղաւ շատ կարեւոր կառոյց մը եւ աշխատանքային բնագաւառ, որ կամրջեց աշխարհով մէկ տարածուած հայութիւնը իր տարբեր շերտերով` Հայաստանի հետ եւ անպայմանօրէն` փոխադարձ յարաբերութեամբ: Ու տակաւին, ան հանդիսացաւ սփիւռքը ինք իրեն հետ եւ իրարու հետ միացնող կռուան:

Հոսկէ մեկնելով` կան շարունակականութեան գործընթացը եւ հարցադրումները, որոնք կը շրջագային ներկայ օրերուն: Պէ՞տք է շարունակել սփիւռքի նախարարութիւնը: Եթէ այո՛, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ տարողութեամբ: Եւ եթէ ոչ, բայց ինչո՞ւ:

Ներկայ օրերը ունին իրենց շատ մը մարտահրաւէր-հիմնահարցերը մէկ կողմէ սփիւռքահայ իրականութեան համար, բայց նաեւ` հայաստանեան իրավիճակէն մեկնելով եւ երեւի թաւշեայ յեղափոխութենէ ետք աւելի մեծ ակնկալութիւններո՞վ: Եթէ հայկական սփիւռքը շատ «գունաւոր» է եւ տարբեր շերտերով, որուն վրայ պիտի աւելցնել Հայաստանէն արտագաղթած հայորդիներ, որոնք սփիւռքեան իրականութեան վրայ աւելցուցին նոր «երանգներ»: Ու հայկական այս մեծ «պարունակին» մէջ կայ այլ երեւոյթ մը, որ մինչեւ այսօր սփիւռքը տակաւին չէ վերածուած,  այսպէս ըսած, կազմակերպչական-ընդհանրական կառոյցի մը, որ կրնար ծառայել որպէս համասփիւռքեան համադրողական օղակ: Բայց նաեւ առկայ է, եւ երեւի` ներկայ օրերուն մէջ շեշտուած ձեւով, Հայաստան երկրի եւ հայրենի պետականութեան ներշնչած ազգային-քաղաքական ինքնութիւնը` սփիւռքահայուն համար եւ ի մասնաւորի` երիտասարդ հայուն, որ հասակ կ՛առնէ շատ մը գաղութներու մէջ, եւ ուր ան-անոնք կը գտնեն-վերագտնեն իրենց հայկական աւանդը եւ ինքնութեան գիտակցութիւնը` հայրենի հողին մէջ եւ անոր միջոցով: Կարկինը աւելի լայն բանալով` այսօր շատ աւելիով օրակարգի վրայ է հայրենադարձութիւնը անցեալի ներգաղթի հիմքով, բայց` տարբեր տարողութիւններով, ընտրանքներով եւ միջոցառումներով:

Հայկական ընդհանրական այս իրավիճակներուն մէջէն է, որ պիտի տեսնենք անհրաժեշտութիւնը` շարունակելու սփիւռքի նախարարութիւնը եւ անոր աշխատանքային գործընթացը` գէթ աւելցնելով եւ  կամ վերանորոգելով անոր աշխատանքային ռազմավարութիւնը: Եթէ մեր համահայկական եռանկիւնը կը կազմէ Հայաստան-Լեռնային Արցախ-սփիւռք, բայց անհրաժեշտ է, որ նոյն  այս եռանկիւնը եւ անոր յարաբերութիւն-աշխատանքային գործընթացը ուժեղացնել: Ասոր մէջ, անկասկած, սփիւռքի նախարարութիւնը ունեցած է եւ պէտք է շարունակէ պահել իր կարեւոր մասնակցութիւնը եւ ինքնուրոյն դրուածքը` հայրենի պետական վարչամեքենային մէջ:

 

 

Ժողովրդավարութիւնն Ընդդէմ Ժողովրդավարութեան

$
0
0

Ժողովրդավարական ընտրութիւններով Հայաստանում ձեւաւորուեց մի խորհրդարան, որտեղ ընդդիմութեան բեմականացումը կը լինի վատ խաղարկուած բեմագրութիւն. իր դիմատետրեան էջում գրում է ՀՅԴ անդամ Արտակ Սարգսեանը:

«Փաստացի, Փաշինեանը մնաց ժողովրդի առջեւ մենակ` պատասխանատուութեան ողջ բեռով: Մերժելու միջոցներից զրկուելով` Փաշինեանը մնաց մերժման միակ ապագայ թեկնածուն:

Մինչ այդ, կուլակաթափութեան առաջիկայ սերիալները շուրջ 1 տարի դեռ կը զբաղեցնեն արդարութեան ծարաւ ժողովրդի անյագուրդ ցանկութիւնները, որից յետոյ վառօդի դատարկ տակառում կը յայտնուի ազատ տարածութիւն: Փաստացի, վարչապետը կարող է յայտնուել այնտեղ, որտեղից սկսել էր` Դիոգինեսի կողքին, երբ ոչինչ չունէր կորցնելու:

Առաջիկայ քաղաքական խնդիրներն ու պայքարը կը լինեն խորհրդարանից դուրս, որտեղ նոր վարչախմբին, յուսամ, սպասւում է անհանգիստ պայքար: Այսպիսի խորհրդարանը կարող է երկար չդիմանալ, քանզի ընդդիմութիւնը, իրականում, ընդդիմանալու է նաեւ խորհրդարանի միւս 2 ուժերին, որոնք Փաշինեանի 2-րդ եւ 3-րդ խօսափողներն են:

Եթէ մարդիկ կեանքում ունենում են շատ մրցակիցներ ու թշնամիներ, երկար ու հանգիստ չեն կարող քնել: Կարծում եմ` այս դէպքում անձնասիրութիւնը յաղթեց բանականութեանը, եւ ժողովրդավարութիւնը ելաւ ժողովրդավարութեան դէմ` հաստատելով նոր քաղաքական մենաշնորհ: Կարելի է ասել` Փաշինեանը յաղթեց քաղաքական մենաշնորհեալներին եւ աւելի հաստատակամ գրաւեց նրանց տեղը: Իսկ պատմութիւնից դասեր պէտք է քաղել, քանզի երբեմն քաղաքական ուժերը մնում են ժողովրդի քուէի տակ` չկարողանալով արդարացնել նրանց սպասումները:

Քաղաքական գովազդն աւարտուեց, մնում է` զգանք նոր իշխանութեան գործունէութեան դրական ազդեցութիւնը», գրել է Արտակ Սարգսեանը:

Ի՞նչ Ընդդիմութիւն…

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները վերջ գտան, եւ երեք քաղաքական ուժեր այժմ կը բաժնեն իրենց միջեւ օրէնսդիր իշխանութեան աթոռներու ամբողջութիւնը` Նիկոլ Փաշինեանի Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան տալով գերիշխող ուժի անվիճելի հանգամանքը: Այժմ Հայաստանի Ազգային ժողովը կը գտնուի Նիկոլ Փաշինեանի կուսակցութեան միահեծան տիրապետութեան տակ` Հայաստանի քուէարկողներու 48 տոկոսի մասնակցային կտրուածքով միայն իրականացած ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք: Այսօր յստակ է, որ Հայաստանի յաջորդ վարչապետը Նիկոլ Փաշինեանն է ըլլալու, եւ բնական է, որ երկրի բոլոր քաղաքական ուժերը, եւ յատկապէս` անոնք, որոնք դուրս մնացած են Ազգային ժողովէն, բարոյական պարտաւորութիւնը ունին իրենց համագործակցութիւնը խոստանալու Հայաստանի Ազգային ժողովին եւ վարչապետին: Բայց ինչպէ՞ս:

Հայաստանի սահմանադրութիւնը իմաստուն նախատեսութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն սահմանած է խորհրդարանի փոքրամասնութեան: Սահմանադրութիւնը խորհրդարանի գործունէութիւնը կը պայմանաւորէ փոքրամասնական թեւի երաշխաւորուած նուազագոյն մէկ երրորդով: Սահմանադրութեան յստակ դիտաւորութիւնն է կանխել բոլոր բեւեռացումները խորհրդարանի ուժերու դասաւորման մէջ: Դժբախտաբար այս մէկը դեռ լայնօրէն չփորձուած գետին է Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ: Իսկ սահմանափակ փորձը ցոյց տուաւ, որ սահմանադրական այս տրամադրութիւնը բաւարար երաշխիք չէր բեւեռացման երեւոյթը ըստ էութեան կանխելու: Այս ձախողութեան առաջին մեղապարտը նախորդ իշխանութեան մեծամասնական թեւի ղեկավարներն էին եւ, առաջին հերթին, Հայաստանի նախկին նախագահը` ի՛նք: Այսօր, սակայն, ետ նայելու կարիքը չունինք, քանի որ նոյնքան եւ աւելի ճնշիչ չափերով նոյն երեւոյթն է, որ կը բեմադրուի խորհրդարանի ներքին քաղաքական հարթակին վրայ:

Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ Քաղաքացիական պայմանագիր (ՔՊ) եւ Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութիւնները (ԼՀԿ) նոյն ծառին պտուղներն են եւ կը գործեն ընդհանրապէս նոյն քաղաքական ներշնչումով, իսկ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը ՔՊ-ի քաղաքական սերտ ուղեկիցն է այժմ եւ փաստօրէն այլ բան չի կրնար ըլլալ Ազգային ժողովի ուժերու ներկայ դասաւորման մէջ: Հետեւաբար վաղուան վարչապետը չունի իրական ընդդիմութիւն Ազգային ժողովին մէջ (ի՛նչ կարուձեւի ալ որ փորձեն ենթարկել ներկայ պատկերը): Այս ընտրութիւններէն ետք աւելի եւս յստակ է, որ այս խորհրդարանով մենք այլեւս չունինք խորհրդարանական համակարգ: Մենք ունինք տէ ֆաքթօ նախագահական համակարգ` այս իրողութեան բոլոր ակնյայտ հետեւանքներով:

Անշուշտ հնարաւոր չէ նախատեսել, թէ յաջորդ վարչապետը ինչպէ՛ս կը կարողանայ ձեւաւորել իր յարաբերութիւնները Ազգային ժողովի միւս կուսակցութեանց հետ: Ինչպէ՞ս կը կազմակերպէ ներքին միութիւնը եւ պարոնայք Ծառուկեան եւ Մարուքեան ի՛նչ չափով եւ ինչպէ՞ս կը համադրուին վարչապետ Փաշինեանի մեծամասնական քաղաքականութեան հետ: Այս բոլորը կը գտնուին ապագային մէջ: Այսօր մեր խնդիրն է հասկնալ, թէ ի՛նչ են ներկայիս փոքրամասնութեան իրական հնարաւորութիւնները եւ վաղուան վարչապետին իրական փոխընտրութիւնները:

Պէտք է անկեղծօրէն ընդգծենք, որ Փաշինեանը իշխանութեան կու գայ բոլորովին անսովոր պայմաններու մէջ: Յեղափոխութի՛ւն կամ ոչ` ինք իշխանութեան տիրացաւ շնորհիւ ժողովրդային շարժման մը ստեղծած ալեկոծութեան, որուն առջեւ (ըսենք` խորհրդաւոր պայմաններու մէջ) յանկարծ տեղի տուաւ օրուան նախագահը, եւ իշխանութիւնը տէ ֆաքթօ անցաւ պրն. Փաշինեանին: Այսօր արդէն անցած են շփոթի այդ փուլերը, եւ ներկայ խորհրդարանի գրեթէ ամբողջութեան զօրակցութիւնը վայելող վաղուան վարչապետը հանդէս պիտի գայ շօշափելի մէկ քաղաքական ծրագիրով: Ասկէ անդին` ոչ ոք կրնայ ընդունիլ նախկինը պարսաւելու որեւէ ուշացած հռետորաբանութիւն: Ասկէ անդին, պիտի խօսի միա՛յն պրն. Փաշինեանի յառաջիկայ կառավարութեան գործը եւ այդ գործը չի կրնար ըլլալ նախկինի շարունակութիւնը… Ասկէ անդին` վարչապետ Փաշինեան էապէս մէկ բան միայն ունի ընելիք, որպէսզի կարողանայ հաւատարիմ մնալ իր խոստումներուն: ԻՒՐԱՑՆԵ՛Լ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՓԼԱԹՖՈՐՄԸ: Այն փլաթֆո՛րմը, զոր Դաշնակցութիւնը յեղափոխական խիզախութեամբ փորձեց իրականացնել` նախորդ իշխանութեան ներքին որոգայթները ամէն օր դիմագրաւելով: Դաշնակցութիւնը չունէր պերճանքը խորհրդարանական մեծամասնութեան: Եւ ան շրջապատուած էր մարդոցմով, որոնք իր գաղափարական գործընկերները չէին: Այնուամենայնիւ, Դաշնակցութիւնը յաջողեցաւ պարտադրել իր փլաթֆորմը օրուան նախագահին եւ ստիպել, որ ան հրապարակաւ ինքզինք դնէ համակարգային արմատական փոփոխութիւններ իրականացնելու պարտաւորութեան տակ եւ նոյն քաղաքականութիւնը պարտադրել օրուան վարչապետին: Այսօր գիտենք, թէ ինչպիսի՛ մեքենայութիւններու դիմելով նախորդ իշխանութիւնը յաջողեցաւ տապալել Դաշնակցութեան գործը: Եւ յստակ է, որ Դաշնակցութեան գրաւը սխալ դուրս եկաւ յատկապէս տնտեսական յարաբերութիւններու յեղաշրջման ճակատին վրայ: Թէեւ ան կրցաւ, այնուամենայնիւ, կարելի դարձնել նոր սահմանադրութեան հռչակումը եւ Թուրքիոյ հետ տեղքայլի մէջ գտնուող արձանագրութիւններու չեղարկումը: Յստակ է, որ այս բոլորը խորքային քննութեան կարիքը ունին, եւ Դաշնակցութիւնը գործ ունի ընելիք թէ՛ իր ներքին ճակատի խնդիրները բիւրեղացնելու, իր վիճակացոյցը վերանայման ենթարկելու եւ թէ՛ իր վաղուան գործին ռազմավարական առաջադրանքները ճշդելու մարզերուն մէջ:

Ես կասկած չունիմ, որ Դաշնակցութիւնը պիտի ընէ այդ բոլորը: Բայց անկախ այդ բոլորէն` մեր առջեւ կայ պետութեան գործին մեծ հրամայականը: Վաղուան վարչապետը իր ունեցած բացարձակ մեծամասնութեան որոգայթները ճիշդ գնահատելով եւ մանաւանդ գիտակցելով, որ ինք զրկուած է խորհրդարանական իրական ընդդիմութեան մը բարիքէն, այժմ պարտաւորութեան տակն է (առաջին անգամ ըլլալով եւ` վերջապէս) յեղափոխութի՛ւն իրականացնելու… Այն իսկ յեղափոխութի՛ւնը, որ ինք քանիցս իրագործուած յայտարարեց իր կուսակցութեան բեմերէն` առանց իսկապէս յստակացնելու, թէ ինչի՛ մէջ կը կայանար ան: Եկած է ժամանակը ճշգրտօրէն բացայայտելու, թէ ի՛նչ բան պիտի իրագործէ այս յեղափոխութիւնը մեր ժողովուրդին համար:

Արդ, կու գանք ըսելու, որ վաղուան վարչապետին իրական ընդդիմութիւնը այժմ կը գտնուի Ազգային ժողովէն դուրս, եւ ան մարմնաւորուած պիտի ըլլայ Դաշնակցութեան փլաթֆորմի նորմերով: Այդ նորմերը նոյնինքն մեր ժողովուրդի ազատագրման բանալիներն են: Ազատագրել Հայաստանի տնտեսութիւնը մենաշնորհային համակարգի ցեցերէն եւ բանալ շնչերակները տնտեսութեան` դէպի իրական եւ որակաւոր աճ: Լուծել երկրի գիւղատնտեսութեան, կենսոլորտի, առողջապահութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի կնճռոտ հարցերը` ազգակեդրոն լուծումներով: Եւ վերջապէս, արցախեան հիմնահարցի վերաբերմամբ հետապնդել ազգային տոկուն քաղաքականութիւն` մերժելով նահանջական դիւանագիտութեան բոլոր քաշքշուքները: Եւ այն չափով, որ յաջորդ կառավարութեան ծրագիրը անկեղծօրէն կ՛իւրացնէ այս նորմերը, այսինքն` Դաշնակցութեա՛ն փլաթֆորմի նորմերը, վարչապետը հնարաւոր կը դարձնէ ազգային համաձայնութեան եզրեր ստեղծել` ի մի բերելով երկրի քաղաքական դաշտի բոլոր իրական ուժերը եւ կը յաջողի շրջանցել խորհրդարանական ներկայ մեծամասնութենէն բխող ճակատագրական բարդութիւնները:

Ի վերջոյ, իր առջեւ ծառացող առաջնահերթ մարտահրաւէրը ազգային ընդհանուր համաձայնութեան հրամայականն է, խորհրդարանական ներկայ մեծամասնութեամբ հանդերձ: Պէտք է միշտ յիշել, որ այս խորհրդարանը ընտրուեցաւ ամբողջ երկրի քուէարկողներու ընդհանուր թիւին մէկ թոյլ տոկոսով միայն: Ամբողջ ժողովուրդին անունով խօսող շարժումը հիմա պատեհութիւն ունի իր ժողովրդականութեան իսկական սահմաններուն գիտակցելու: Նոյն դասը պիտի առնեն նաեւ ընտրապայքարին մաս կազմած բոլոր քաղաքական ուժերը (ներառեալ` Դաշնակցութիւնը, որ քուէներու մեծ թիւ մը կորսնցուց): Առակս ի՞նչ ցուցանէ: Իմ կարծիքով, առակս ցուցանէ միայն մէկ բան: Մեր ժողովուրդին հսկայ զանգուածը դեռ համբերութեամբ կը սպասէ մեզի… Կը սպասէ, որ իր ճակատագրի ղեկը ստանձնած կամ անոր յաւակնող բոլոր քաղաքական ուժերը դառնան դէպի իր կարիքները, դէպի իր ցաւե՛րը եւ դառնան «լիաժամ» (full time!) ու իրական լուծումներով ամոքեն իր վէրքերը, տէր կանգնին իր ապագայ սերունդներուն եւ ընեն այնպէս, որ ինք կարողանայ վերջապէս ապրիլ իր հողին վրայ արժանապատիւ կեանքով: Եւ հոս բոլորս միատեղ մեր հաւաքական պարտքը հատուցելու խնդիր ունինք` հանդէպ մեր ժողովուրդին:

Ի սրտէ յաջողութիւն կը մաղթեմ նորընտիր Ազգային ժողովին եւ վաղուան կառավարութեան:

9 դեկտեմբեր 2018
Ուաշինկթըն

Քաղաքական Անդրադարձ. Հայաստան-ՀԱՊԿ Տագնապը

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Վերջերս ՀԱՊԿ-ի մէջ նոր ընդհանուր քարտուղար ընտրելու հարցը դիւանագիտական բախում յառաջացուց Հայաստանի, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի միջեւ: Նշենք, որ խորհրդային իշխանութեան փլուզումէն ետք Ռուսիա ձեռնարկեց հիմնել շրջանային ռազմական կազմակերպութիւն մը` հակակշռելու համար ՕԹԱՆ-ը: Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներն են` Ռուսիան, Պիելոռուսիան, Հայաստանը, Ղազախստանը, Խըրխըզիստանը եւ Տաճիկիստանը: Հայաստանի համար կարեւոր է այս կազմակերպութիւնը` պաշտպանելու համար երկիրը արտաքին որեւէ վտանգէ:

2 նոյեմբերին ՀԱՊԿ-ի հայազգի ընդհանուր քարտուղար եւ հայկական բանակի նախկին հրամանատար Եուրի Խաչատուրովը կանչուեցաւ Երեւան` ամբաստանուած ըլլալով 1 մարտ 2008-ի դէպքերուն հետ կապ ունենալու յանցանքով: 8 նոյեմբերին Ասթանայի մէջ ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովի անդամ երկիրներուն մօտ մտահոգութիւն ծագեցաւ, թէ ո՛վ պիտի փոխարինէ Խաչատուրովը, հակառակ անոր որ անոր պաշտօնավարման ժամանակաշրջանը կ՛երկարէր մինչեւ 2020: Սակայն Ղազախստանը առաջարկեց, որ Պիելոռուսիան գլխաւորէ կառոյցը, պարզապէս որովհետեւ հերթափոխութիւնը կը կատարուի ըստ անդամ երկիրներու անուններուն այբբենական կարգին: Այս առաջարկը մերժուեցաւ Հայաստանի կողմէ, ինչ որ դուռ բացաւ դիւանագիտական բախումի մը: Հոս պէտք է նշել, որ Ասթանայի վեհաժողովի օրակարգէն դուրս էր այս կէտը. օրակարգին վրայ կար Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ ռազմական գործողութիւններուն օժանդակութեան հարցը:

Հակառակ անոր որ հայկական կողմը պնդեց իր իրաւունքին վրայ, սակայն Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահները դէմ էին, եւ առաջարկը վերջնականապէս պիտի քննարկուի աւելի ուշ:

Սակայն այս բախումը աւելի սրեցաւ, երբ Ազրպէյճանը միջամտեց այս հարցին: 12 նոյեմբերին Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն տեսակցութիւն ունեցաւ Ազրպէյճանի դեսպանին հետ եւ անոր հետ քննարկեց Ասթանայի վեհաժողովին մանրամասնութիւնները: Այս իրադարձութիւնը ա՛լ աւելի զայրացուց հայկական կողմը, որ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է, որ կազմակերպութեան անդամ երկիր մը անոր վեհաժողովին մանրամասնութիւնները քննէ ոչ անդամ երկրի մը դեսպանին հետ: Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը այս հարցով բացատրութիւն պահանջեց Լուքաշենքոյէն: Այստեղ պէտք է աւելցնել, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը 18 նոյեմբեր 2018-ին այցելեց Պիելոռուսիա եւ հսկայական քանակութեամբ զէնք գնեց: Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը արձագանգելով Փաշինեանին` ըսաւ, որ Փաշինեան պէտք է դուրս գայ իր «փողոցի ժողովրդավարութեան քաղաքականութենէն», իսկ Փաշինեան հակադարձելով` Լուքաշենքոն` կոչեց «բռնակալ» («Առաւօտ», 20 նոյեմբեր 2018):

Հայաստանը նաեւ կրնայ օգտուիլ վեթոյի իր իրաւունքէն, ինչպէս նաեւ` ռուս-պիելոռուսական դիւանագիտական վերջին բախումէն, որուն իբրեւ հետեւանք` նախագահ Լուքաշենքօ յայտարարեց, որ Պիելոռուսիան պէտք չունի ռուսական ռազմական կեդրոններու իր երկրին մէջ, եւ ան գնահատեց Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը Եւրոպայի մէջ («Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայան, 6 նոյեմբեր 2018): Լուքաշենքօ յայտնեց, որ պիելոռուսական բանակը երկրին մէջ ապահովութեան հսկելու իր պարտականութիւնը շատ աւելի լաւ կը կատարէ, քան` ռուսական բանակը: Ան նաեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը կը ձգտի ընդլայնել ռազմական յարաբերութիւնները ՕԹԱՆ-ի հետ («Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայան, 6 նոյեմբեր 2018):

Ռուսիոյ համար այս իրադարձութիւնները մտահոգիչ են: Հայաստան նոյնքան կարեւոր է, ինչպէս` Պիելոռուսիան: Մէկ կողմէ Ռուսիա կ՛ուզէ պատժել կամ տկարացնել Փաշինեանը, սակայն միւս կողմէ` մտահոգ է, որ ասիկա պատրուակ դառնայ, որ Հայաստանը լքէ կազմակերպութիւնը եւ ուղղուի դէպի ՕԹԱՆ: Անշուշտ հայկական կողմին համար ասիկա դիւանագիտական եւ ռազմավարական անձնասպանութիւն կ՛ըլլայ, եւ վտանգը Արցախի շուրջ կ՛աւելնայ: Սակայն Ռուսիա նաեւ կ՛ուզէ իր ազդեցութիւնը կրկնապատկել Պիելոռուսիոյ վրայ. արդեօք ասիկա պիտի կատարուի Հայաստանի՞ հաշուոյն: Աւելի՛ն. Ռուսիոյ կողմէ աւելի քան 5 միլիառ տոլարնոց զէնքի վաճառքը Ազրպէյճանին` կը խաթարէ Հայաստանի անվտանգութիւնը` իբրեւ ՀԱՊԿ-ի անդամ («Ճեմսթաուն», 30 նոյեմբեր 2018):

Ինչ կը վերաբերի Պաքուին, ան կը փորձէ Հայաստանը դուրս մղել կազմակերպութենէն եւ, ինչո՞ւ չէ, ինքը գրաւէ Երեւանի տեղը` աւելի մօտենալով Մոսկուային եւ մեկուսացնելով Երեւանը («Ազեր նիուզ», 26 հոկտեմբեր 2018): ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներ բազմիցս փորձեցին Ազրպէյճանի շահերը առջեւ տանիլ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին Ազրպէյճանի ընդունման ՀԱՊԿ-ի կազմին մէջ: Պիելոռուսիա, Ղազախստան եւ Տաճիկիստան շատ աւելի մօտիկ յարաբերութիւն ունին, քան ՀԱՊԿ-ի անդամ Հայաստանը: Ըստ «Պիելոռուս Տայճեսթ»-ի (29 հոկտեմբեր 2011), Պիելոռուսիա-Ազրպէյճան յարաբերութիւնները կ՛որակուին իբրեւ «դաշնակից երկիրներու» յարաբերութիւն: Այս յայտարարութիւնը արդէն իսկ նոր չէ, որովհետեւ Ազրպէյճան թիւ մէկ ներածողն է պիելոռուսական զէնքերուն:

Ազրպէյճանի անդամակցութիւնը հարուած պիտի ըլլայ Երեւանի շահերուն: Անշուշտ ասիկա կարելի չէ, սակայն ՀԱՊԿ անդամ կարգ մը երկիրներու միջեւ համաձայնութիւն մը կայ, մանաւանդ եթէ ուզեն պատժել Հայաստանը: Հոս նաեւ պէտք է յիշել, որ այս դաշինքին երկրի մը անդամ դառնալը կը վաւերացուի, եթէ բոլոր անդամ երկիրները ի նպաստ քուէարկեն, եւ Հայաստան կրնայ արգիլել Ազրպէյճանի անդամակցութիւնը, այնքան ատեն որ Երեւան անդամ է այս կազմակերպութեան:

Հակառակ այս բոլորին` Երեւան փորձած է ճեղք յառաջացնել Պաքու-Մինսք յարաբերութիւններուն միջեւ: Օրինակ` 31 յունուարին Պիելոռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Երեւան կրցաւ կանխել Պիելոռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինուորական նոր համաձայնութիւն մը, ուր Պաքու պիտի ստանար «Փոլոնեզ» հրթիռներ, որոնք կը հաւասարակշռեն ռուսական «Իսքանտեր» հրթիռները, որոնք վաճառուած էին Հայաստանի («Եուրէյժիանեթ», 6 փետրուար 2018): Սակայն ասիկա արգելք չեղաւ, որ Պիելոռուսիա հրասայլեր եւ հակաօդային համակարգեր տրամադրէ Ազրպէյճանին: Ըստ «Պիելոռուսիա Տայճեսթի» (13 փետրուար 2018), 2017-ին Պիելոռուսիոյ կողմէ զէնքերու վաճառքը Ազրպէյճանին արձանագրած է 17 առ հարիւրի աճ:

Հայաստանի համար այս իրադարձութիւնները մտահոգիչ են: Երեւանի նոր իշխանութիւնները պէտք ունին ամէն տեսակի օժանդակութեան այս հարցին շուրջ, սակայն պէտք է գիտակցին, որ արտաքին քաղաքականութիւնը զգացումներու եւ կոչերու վրայ չէ հիմնուած, այլ` աղուէսի քաղաքականութեան եւ երկխօսութեան վրայ: Հայաստանի անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին ռազմավարական եւ գոյութեան հարց է, սակայն Երեւանէն կ՛ակնկալուի աւելի ճկուն եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն: Հայաստանի նոր իշխանութիւնները ամէն ջանք պէտք է թափեն` օգտուելու Մոսկուայի եւ Մինսքի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած լարուածութենէն:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Սուտ Է, Որ Գէթ Ծննդեան Եւ Մահուան Օրը Հաւասար Ենք

$
0
0

ՄԱԿԱՐ ի Քուինզ

Կեդրոնականցին անյայտացած էր: Հեռաձայնեցի իր զարմիկ Զորաբաբէլին, որ Նիւ Եորքի մէջ վերակոչուած է Զորան: Հարցուցի, թէ Արմենակը ո՞ւր էր: Ըսաւ, որ ինք ալ չէր տեսած, բայց գիտէր որ թաղումի գացած էր:

Երկու օր ետք Էլպիսին հետ եկաւ եւ կենդանութիւն մտաւ մեր լուռ տունը:

– Մեծն Նիւ Եորքը ձեզ այսքա՞ն շուտ կուլ տուաւ,- ըսի` զիրենք դիմաւորելով:

– Կեդրոնականցի դասընկերոջս հօրը թաղումին գացինք: Երէկ երեկոյ եկեղեցիին ներքնայարկը սպասեցինք, ընկեր-բարեկամներ ալ եկան ցաւակցութիւն յայտնելու եւ յատուկ արարողութեան մը ներկայ գտնուելու: Այսօր առաւօտուն եկեղեցի գացինք յուղարկաւորութեան: Հանգուցեալին համար սրտառուչ խօսքեր ըսուեցան: Այս մեծ ոստանին մէջ երկու օր յաջորդաբար մեռեալի յիշատակ յարգելու համար եկեղեցի երթալը կը վկայէ, որ դեռ մարդկայնութիւն կայ:

– Արմենա՛կ, շատեր կ՛ըսեն, որ մեծ քաղաքներու մէջ յուղարկաւորութիւն եւ թաղում սուղ կ՛արժեն:

– Ճիշդ է: Գերեզմանի փոս մը հազարներ կ՛արժէ, մեռելատան ծառայութիւնը, դագաղը, արարողութիւնները, ծաղիկները եւ հոգեճաշը` նոյնպէս: Ո՛ւր որ ալ գտնուիս, մեռնիլը սուղ հաճոյք դարձած է: Եկեղեցիին ներքնայարկը մարդիկ կը խօսէին այս մասին, հրկիզման ջատագովներ կային, որ նաեւ պետութեան թելադրութիւն է: Քահանան, որ ներկայ էր զրոյցին, բացատրեց, որ թաղում մը կ՛արժէր մօտաւորապէս քսան հազար տոլար, իսկ հրկիզումի պարագային` միայն հազար տոլար:

– Այսինքն մահն անգամ դարձած է քաղքենիական հաճոյք եւ սնապարծութիւն:

– Դժբախտաբար: Քահանան ըսաւ, որ քանի մը օր առաջ համեստ ընտանիքի հայր մը մահացած է, եւ զաւակները որոշած են մեռեալը հրկիզել: Քահանան բացատրած է, որ եկեղեցին համաձայն չէ հրկիզումի: Հանգուցեալի համեստ եւ անզօր զաւակը ըսած է. «Գտէ՛ք քսան հազարը, եւ ձեր ուզածին պէս թաղում ընենք, դպրաց դասով, գնուած հողով եւ հոգեճաշով»: Քահանան կատարած է թաղման կարգը, որմէ ետք դագաղը տարած են: Համեստ մարդիկ ընդունած են այդ ընել ոչ թէ փիլիսոփայական, այլ դրամի հաստատած գերիշխանութեան պատճառով:

– Ուրեմն աղքատին զլացած են նոյնիսկ երկու քառակուսի մեթր հող:

– Մակա՛րս, եկեղեցին կամ ընկերային հարցերու նախարարը ինչո՞ւ տէր չեն ըլլար ծխականին եւ քաղաքացիին անոր մահուան օրը: Քարոզուածը սուտ է: Մարդիկ անհաւասար կը ծնին եւ անհաւասար կը մեռնին,- դառնութեամբ եզրակացուց Կեդրոնականցի իմաստունը:

Մտածեցի. ինչո՞ւ Կեդրոնականցին ապագայ մեռեալներուն, որոնք հիմա ծխական եւ քաղաքացի են, իրաւունքի պաշտպանութեան պատուիրակ չեն ընտրեր, նոյնքան կարեւոր` որքան այն պաշտօնները, որոնց համար իրարու գլուխ կը ջարդենք:

Երբ պիտի բաժնուէինք, Արմենակ ըսաւ.

– Մարդը այրած են, որովհետեւ դրամ չէ ունեցած: Եւ կ՛օրօրուինք մեծ մեծ բառերով… իզմ, իստ, արդարութիւն, ժողովրդավարութիւն, եղբայրութիւն, շարունակէ՛, գրէ՛ եւ թերթերուն ղրկէ՛, Մակա՛ր, թերեւս օր մը լսող կ՛ըլլայ:

Արմենակ չխօսեցաւ շքեղութիւններու մասին` մեռեալին Հայաստանի մէջ դամբան պարգեւել կամ Հայաստանէն խաչքար բերել, որպէսզի օտար հողը թեթեւ գայ: Հրկիզուողը այդ բաներուն պէտք չունի…

Մեծն Նիւ Եորք, 4 դեկտեմբեր 2018

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Արշակ Ջամալեան

Արշակ Ջամալեան (Իսահակեան). հասարակական, քաղաքական, պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 22 սեպտեմբեր 1882-ին, Գանձակ: Հայրը` Ջամալ Իսահակեան, որուն անունով Արշակ ընտրած է իր Ջամալեան մականունը:

Արշակ Իսահակեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Գանձակի հայոց ծխական դպրոցին մէջ, ապա` Գանձակի ռուսական ուսումնարանը: 1897-ին ան ընդունուած է Գէորգեան ճեմարան, որ աւարտած է 1902-ին:

1905-ին, հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ մասնակցած է հայատեաց ցարական ոստիկանապետի ահաբեկման, որուն պատճառով 7 ամիս բանտարկուած է: 1906-ին Գերմանիոյ մէջ զբաղած է հասարակական գիտութիւններու ուսումնասիրութեամբ, հիմնադրած է ՀՅԴ Եւրոպայի հայ ուսանողական միութիւնը, հրատարակած է «Ուսանող» պարբերականը եւ հայ ազատագրական պայքարը լուսաբանող գրքոյկներ (հայերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն):

1907-ին կը մասնակցի ՀՅԴ Դ. Ընդհանուր ժողովին` իբրեւ Եւրոպայի ՀՅԴ ուսանողական միութեան պատգամաւոր:

1909-ին վերադարձած է Կովկաս, դասաւանդած է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ, աշխատակցած է «Հորիզոն» օրաթերթին: Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն` հայ կամաւորական գունդերու կազմակերպիչներէն մէկը եղած է եւ անձամբ կռուած է ուսանողական կամաւորական գունդին մէջ:

1914-ին Ջամալեան ՀՅԴ Ը. Ընդհանուր ժողովին թէեւ ներկայ չեղաւ, բայց եւ այնպէս ընտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:

1917-ին հոկտեմբերէն` Հայոց ազգային խորհուրդի անդամ: Նոյն թուականին մասնակցած է Երզնկայի մէջ հաշտութեան բանակցութիւններուն ու կնքումին: 1918-ին` Անդրկովկասի Սէյմի անդամ: 1918-ին եղած է Հայոց ազգային խորհուրդի` Պերլին մեկնած Ազգ. պատուիրակութեան կազմին մէջ: 1919-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վրաստանի` Թիֆլիսի մէջ: Նոյն թուականին ընտրուած է Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր եւ Երեւան տեղափոխուած է Թիֆլիսէն. եղած է զինակոչի արտակարգ կոմիսար, 1920-ին մաս կազմած է Բիւրօ կառավարութեան` իբրեւ հաղորդակցութեան ճանապարհներու նախարար:

10 օգոստոս 1920-ին Թիֆլիսի մէջ ստորագրած է զինադադարի համաձայնագիր` Խորհրդային Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Լեկրանի հետ:

1921-ին եղած է Դաշնակցութեան բանագնացը Ռիկայի մէջ` պոլշեւիկներու հետ կատարուած խորհրդակցութեանց ժամանակ: Այնուհետեւ անցած է Թիֆլիս, ապա` Կ. Պոլիս եւ վերջապէս հաստատուած է Ֆրանսա:

Ա. Ջամալեան 17 նոյեմբեր 1924 – 17 յունուար 1925 Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Ժ. Ընդհանուր ժողովին ընտրուած է Բիւրոյի անդամ ու այդ պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ 1933 փետրուար 21 մարտ: Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ ԺԲ. Ընդհանուր ժողովի որոշումով ան կոչուած է Դաշնակցութեան մնայուն քաղաքական գործիչի աշխատանքին ու պատասխանատուութեան: Ան եղած է Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը Ընկերվար միջազգայնականի մէջ:

1925-1933 տարիներուն Փարիզի մէջ հրատարակուող ՀՅԴ-ի օրկան «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան անդամ եղած է:

Միւս կողմէ, պէտք է ըսել, որ Ջամալեանի ներդրումը մեծ եղած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ օգնութեան միութեան վերաշխուժացման ու Եւրոպայի տարածքին Հայ կապոյտ խաչի հիմնադրութեան, տարածման եւ ժողովրդականացման գործին մէջ:

1934-ին կազմակերպած է «Հայ-վրացական միութիւնը»: Գրած է «Դաշնակցութեան տեսութիւնը» գիտական աշխատութիւնը (1908), թատրերգութիւններ` «Տարերքի ընդվզումը», «Գծից դուրս», «Նահապետ Նահապետեան» եւ այլն:

Արշակ Ջամալեան կը մահանայ 27 դեկտեմբեր 1940-ին, Փարիզ:

Գրիգոր Ջաղեթեան

Գրիգոր Ջաղեթեան. հայ տնտեսագէտ, հասարակական, պետական, քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1885-ին, Իջեւան: Աւարտած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը, իսկ 1909-ին` Լայփցիկի համալսարանը: Անդրկովկասի Սէյմին մէջ պաշտօնավարած է իբրեւ տնտեսագէտ:

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան ժամանակաշրջանին Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութեան մէջ եղած է տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար (1919 մայիս), ապա` նախարար. նախարարի պաշտօնը վարած է 24 մայիս 1919-էն մինչեւ 5 օգոստոս 1919, որմէ ետք եղած է պետական վերահսկիչ` պաշտօնավարելով դեկտեմբեր 1919-էն մինչեւ 1920 սեպտեմբեր:

Հայաստանի պոլշեւիկեան ռազմակալումէն ետք հեռացած է Պարսկաստան:

Հայրենիք վերադարձած է 1922-ին, եղած է պետական դրամատան կառավարիչ:

1938 հոկտեմբեր ամսուն Եռեակի յատուկ խորհրդակցութեան կողմէ դատապարտուած է գնդակահարութեան` մեղադրուելով գերմանական հետախուզութեան եւ Գերմանիոյ օգտին լրտեսական աշխատանք տանելուն համար: Մեղադրանքի համար հիմք հանդիսացած է այն, որ Ջաղեթեանը եղած է Անդրկովկասի մէջ գերմանացի հրամանատարին հետ բանակցութիւններու նախաձեռնողը` նպատակ հետապնդելով Հայաստանը յանձնել Գերմանիոյ հովանաւորութեան:

Արդարացուած է 1958-ին` ՀՍՍՀ Գերագոյն դատարանի քրէական գործերու դատական խորհուրդի որոշումով:

Աւետիք Սահակեան

Աւետիք Սահակեան (Հայր Աբրահամ). հասարակական, քաղաքական գործիչ, 1918-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին խորհրդարանի նախագահ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1865-ին, Լոռիի Ջալալօղլի (ներկայիս` Ստեփանաւան) քաղաքը: 1893-ին աւարտած է Պետրովեան ակադեմիան:

Հետագային փոխադրուած է Թիֆլիս, ուր հիմնած է հայ գիւղատնտեսական ընկերութիւնը, միաժամանակ խմբագրած է «Գիւղատնտես» պարբերաթերթը:

Մասնակցած է ՀՅԴ Բ. Ընդհանուր ժողովին եւ ընտրուած` Բիւրոյի անդամ:

Եղած է անդրկովկասեան Սէյմի անդամ, անդրկովկասեան կառավարութեան մէջ` մթերքի նախարար:

1914-ին ընտրուած է Ազգային խորհուրդի անդամ:

1 օգոստոս 1918-ին եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ, 1919-ին` խորհրդարանի փոխնախագահ, 1919 օգոստոս-հոկտեմբեր ամիսներուն` հանրային խնամատարութեան եւ աշխատանքի նախարար, այնուհետեւ` ժողովրդական տնտեսութեան նախարար:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1920 դեկտեմբերին ձերբակալուեցաւ պոլշեւիկներուն կողմէ: Կ՛ազատի` շնորհիւ 1921 Փետրուարեան ապստամբութեան: Այնուհետեւ անցած է Պարսկաստան եւ ապա` Լիբանան:

Աւետիք Սահակեան կը մահանայ 1933-ին, Պէյրութ:

Վարվառա (Վարեա) Սահակեան

Վարվառա Սահակեան (երբեմն` Վարվառէ Սահակեան). հայ քաղաքական, պետական գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր: Հայ քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Աւետիք Սահակեանի (Հայր Աբրահամի) կինը: ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Վարվառա Սահակեանը կանուխ տարիքէն մուտք գործած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերը:

1919 յունիսին կատարուած Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններու 2-րդ գումարման արդիւնքով ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր: Ընդգրկուած էր կրթական ծրագիրներու բնագաւառին մէջ: Այդ ժամանակաշրջանին Վարվառա Սահակեանը մեծ կորուստ կ՛ունենայ` անհրաժեշտ դեղորայքի պակասէն կը մահանայ իր զաւակը: Անոր կը յաջորդէ Հայաստանի խորհրդայնացումը, ամուսինի` Աւետիք Սահակեանի բանտարկութիւնը:

1921 Փետրուարեան ապստամբութեան ժամանակ Վարվառա Սահակեանը, ամուսինը եւ երկու զաւակները հետիոտն կը փախչին Թաւրիզ, ուր վեց տարի ապրելէ ետք կը փոխադրուին Հարաւային Իրան, ապա` Իրաք, հետագային ալ` Լիբանան:

Պէյրութի մէջ Վարվառա Սահակեանը կրկին կը ներգրաւուի հասարակական գործունէութեան մէջ` մասնակցելով Օգնութեան խաչ կազմակերպութեան աշխատանքներուն: 1932-ին Վարվառա Սահակեանը կը կորսնցնէ միւս զաւակը, մէկ տարի անց` ամուսինը: Այս հարուածները վերջնականապէս կը քայքայեն Վարվառա Սահակեանին առողջութիւնը, եւ շատ չանցած` ան կը մահանայ:

Լոլա Սասունի

Լոլա Սասունի, բուն անունով` Հռիփսիմէ Մեծատուրեան. հայ ազգային ազատագրական շարժման գործիչ, բարեսիրական գործունէութեան նուիրեալ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1893-ին, պատմական Հայաստանի Ակն` Բինկեանի շրջանը: 1908-ին ընտանեօք  հաստատուած են Պոլիս: Հռիփսիմէ երիտասարդ տարիքէն մխրճուած է ազգային-հասարակական գործունէութեան մէջ: Մաս կազմած է Մեծ եղեռնի օրհասական պայմաններու հարկադրած ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտերուն` բարձր պահելով հայու, յատկապէս հայուհիի արժանապատուութիւնը:

Հռիփսիմէ Մեծատուրեանը 1917-ին կ՛ամուսնանայ իր գաղափարակից ընկերոջ` Կարօ Սասունիի հետ եւ կ՛ընտրէ Լոլա անունը: Այնուհետեւ անոնք կ՛անցնին Թիֆլիս: Ան մշտական ներկայութիւն եղած է յետեղեռնեան հայութեան կազմակերպական աշխատանքի գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ: Եղած է Մուշ, Վան, Խնուս եւ այլ շրջաններ` կազմակերպելով ու խնամելով Եղեռնէն ճողոպրած որբերն ու հիւանդները:

1918 մայիսեան անկախութեան նախօրեակին կը միանայ Համազասպի խումբին եւ կը մասնակցի Սարդարապատի ճակատամարտին:

Առաջին զաւակը կը ծնի Երեւանի մէջ: Խանձարուրի մէջ փաթթուած երեխան միշտ զինուորի մը վիզէն կախուած էր, իսկ Լոլա կիներու խումբի մը հետ վիրաւորներ ու հիւանդներ կը խնամէր եւ տարագիր ընտանիքներուն կարիքները կը հոգար: Դժբախտաբար փոքրիկը մալարիայէ բռնուած` կը մահանայ:

Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Լոլա կը նուիրուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Կարմիր խաչի կազմակերպումին, եւ երբ 1920-ին ամուսինը Շիրակի նահանգապետ կը նշանակուի, ան հայկական որբանոցներու ընդհանուր վարիչին հետ կը գործակցի:

1920-ին կը բանտարկուի, բախտով կ՛ազատի եւ մօտ տաս հազար գործիչներու հետ կ՛անցնի Զանգեզուր, անկէ ալ` Պարսկաստան: Ապա պարբերաբար կը մնայ` Պոլիս, Սոֆիա, Վիեննա, Ժընեւ ու Փարիզ:

Փարիզ կեցութեան վեց տարիներուն ընթացքին բեղուն գործունէութիւն կ՛ունենայ ՀՅԴ-ի հովանաւորութիւնը վայելող Կապոյտ խաչին մէջ: Ինչպէս հայրենիքի, նոյնպէս ալ սփիւռքի մէջ Լոլա Սասունի կը շարունակէ քալել հանրային ծառայութեան ճամբով, անսահման նուիրումով կը սատարէ տարասփիւռ հայութեան վերականգնումին: Փարիզէն ետք Գահիրէի, յետոյ Հալէպի եւ վերջապէս Պէյրութի մէջ միշտ Հայ օգնութեան միութեան աշխատանքները կազմակերպող գործիչը կ՛ըլլայ:

Պէյրութի մէջ ան կը գործակցի Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հիմնադիրներէն Ջաւօ Շանթին հետ, որուն հետ կը շարունակէ կազմակերպչական աշխատանքները Լիբանանի մէջ: Լոլա Սասունի, ամբողջ երեք տասնամեակ ԼՕԽ-ի անդամներու գործակցութեամբ, դարմանատուներու ցանց մը կը ստեղծէ, չքաւորներուն ու որբերուն սնունդին եւ առողջութեան կը հսկէ, անոնց կրթական կարիքները կը հոգայ, հայ կնոջ մտաւոր ու ընկերային մակարդակի բարձրացման կը նպաստէ, ազգային հաստատութիւններուն կ՛օժանդակէ: Ան իր գործակիցներուն հետ կը  նախաձեռնէ «Պնակ մը կերակուր»-ի երախտաշատ գործին:

Լիբանանի պետութիւնը բարձրօրէն գնահատելով ԼՕԽ-ի դերը եւ Լոլա Սասունիի անձնուէր ծառայութիւնը` 1966-ին «Մայրիներու ազգային կարգ»-ի շքանշանով կը պատուէ վաստակաշատ խաչուհին:

Տարիներու ընթացքին անոր առողջութիւնը կը քայքայուի: Կեանքի վերջին տարիներուն իր միակ երազը կ՛ըլլայ հայրենիք այցելելը: Հակառակ իր ամուսնոյն կամքին` կ՛երթայ եւ կը տեսնէ Սարդարապատի յաղթանակի կոթողը եւ վերադարձէն տասը օրեր ետք Լոլա Սասունի իր աչքերը կը փակէ 2 հոկտեմբեր 1969-ին:

(Շար. 17)

Շուշիի Տիկնիկային Թատրոնի Լիբանան Այցելութեան Առիթով

$
0
0

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Տաք հացի բոյրը…

Շուշեցի տիկնիկավարներուն Լիբանան այցելութիւնը, որուն մասին անակնկալօրէն տեղեկացայ դիմատետրային ինքնատիպ ծանուցումի մը միջոցով, ետ տարաւ զիս շուրջ 25 տարիներ, երբ Շուշիի մէջ կեանքը շատ դժուարին էր. դեռ նոր ազատագրուած քաղաք, խայտաբղետ բնակչութիւն, կենցաղային բազմապիսի դժուարութիւններ, սնունդի, հագուստեղէնի պակաս, ազերիական օդուժի անակնկալ «այցելութիւններ»… ու քաղաքի տղամարդիկ անխտիր ռազմաճակատի առաջին գիծի վրայ են: Իսկ անոնց զաւակները անտեսելով այդ բոլոր դժուարութիւնները` կը յաճախեն «Վարանդա» երգչախումբ, «Երուանդ Մանարեան» տիկնիկային թատրոն, «Սօս Սարգսեան» մանկապատանեկան թատերախումբ, «Մեղեդի» պարախումբ … եւ այս բոլորը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան օրին դեռ նոր հիմնադրած «Արամ Մանուկեան» վարժարանի յարկին տակ:

Ահաւասիկ, քառորդ դար ետք, առաջին սերունդի թատերախումբի սաները, նոր սերունդի սաներուն հետ միատեղ, Համազգայինի պարարուեստի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Լիբանան հասած են եւ Ամանորի ու Սուրբ Ծննդեան տօներուն նախաշեմին, լիբանանահայ մանուկին, պատանիին եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ երիտասարդին ու ծերունիին պիտի փոխադրեն հեքիաթի կախարդական աշխարհը` տիկնիկային արուեստի արհեստավարժ շունչով, հաճելին օգտակարին եւ համամարդկայինը ազգայինին շաղկապող խաղացանկով:

Այո՛, քառորդ դար ետ կ՛երթամ` յիշելու եւ կը շտապեմ պատմել ու վկայել, որ Շուշիի տիկնիկային թատրոնը, «Անուշ» օփերային պէս, ցնցոտիներու մէջ ծնաւ ու ծաղկեցաւ: Հին հագուստներ, գունաւոր լաթեր իրարու կը խառնուէին, եւ թատրոնի հիմնադիր նուիրեալներ Ռոպեր Աղաջանեանի ու Կարինէ Մաղաքեանի շունչին տակ կը դառնային «Երեք խոզուկներ»-ու ու այլ ներկայացումներու համար տիկնիկներ, կը բեմադրուէին ու կը ցուցադրուէին նախ եւ առաջ ազատամարտի մէջ գտնուող Արցախի տարբեր գիւղերու ու քաղաքներու մէջ ու այնուհետեւ կը հասնէին մինչեւ Գորիս, Երեւան ու Վանաձոր:

Իսկ այն օրերու փոքրիկ ու կիսաքաղց տիկնիկավարները իրենց փորձերը կ՛ընէին տուներու մէջ, ամառնային օրերուն` Հիւնոտի կիրճի ճանապարհին: Դժուար էր կենցաղը, սակայն բոլորը կը միաւորուէին յուսալի ու պայքարունակ անուշ մթնոլորտի մը մէջ: Յուշերով տարուելով, մտովի դէպի անցեալ թեւածելով` կը գիտակցիմ, որ դժուար էին օրերը, սակայն այդ օրերուն դժուարութեան մասին մտածող չկար: Ուղեղը կ՛ըսէր` դժուար է, ոգի՛ն` դիւրին: Բոլոր դժուարութիւնները կը մոռցուէին, երբ ներկայացման աւարտին, դահլիճի հանդիսատես փոքրիկները չբաւարարուելով ու չյագենալով ներկայացուածէն, հարցական ու յուսալից աչքերը յառելով դերասաններուն` Արցախի համով-հոտով բարբառով կը հարցնէին «էլ կայ վե՞չ…»:

Այդ օրերու վիճակն ու մթնոլորտը բացատրելու համար պատմեմ թատրոնի անդրանիկ փորձերէն մէկուն ընթացքին պատահած դրուագ մը, որուն ներկայ եղած եմ Կարինէ Մաղաքեանի տան մէջ:

Փորձին ընթացքը տարօրինակօրէն կը դժուարանայ: Պատանի դերասանները կեդրոնացումի անկում կ՛ունենան: Տիկին Կարինէն կը բարկանայ: Յանկարծ կ՛անդրադառնայ ու կը գտնէ պատճառը: Այդ օրերուն մարդիկ հացը իրենց տուներուն մէջ կ՛եփէին եւ դրացուհին տաք հաց բերած էր Կարինէենց տուն, որուն բոյրը տարածուած էր սենեակէն ներս ու կիսաքաղց փոքրիկները տաք հացին բոյրով տարուած` չէին կրնար շարունակել փորձը… հացը հաղորդութեան պէս բաժնուելով ներկաներուն` խթան եղաւ հեզասահ շարունակութեան:

Հիմա Շուշին մաքրամաքուր ու արդիական քաղաք մը դառնալու ճամբան բռնած է: Քաղցած ու հնամաշ հագուստներով մանուկներ չկան հոն այլեւս, տիկնիկային թատրոնն ալ ունի իր արդի թատերասրահ ու արդիական տիկնիկներ: Թատերախումբը արհեստավարժ պայմաններու մէջ կ՛աշխատի ու ստեղծագործական կենսունակ կենսագրութիւն կը կերտէ: Ամրան ամիսներուն կը տեսնեմ զիրենք դէպի Արցախի հեռակայ գիւղեր ու քաղաքներ ներկայացում տանելու պատրաստութեան աշխատանքին մէջ, ինչպէս նաեւ զաւկիս հետ, իբրեւ հանդիսատես, ներկայ կը գտնուիմ հերթական ներկայացումներու, որոնցմէ հոգեւոր մեծ գոհունակութիւն կը ստանամ: Կը յիշեմ թատրոնին անցած դժուարին ճանապարհը, եւ մութին մէջ յուզում մը կը սեղմէ կոկորդս:

Անցնող ամառ առիթ ունեցայ վայելելու «Հայ մուկը» ներկայացումը, որ այսօր ժամանած է Լիբանան: Ներկայացման ընթացքին, չես գիտեր` քեզմէ անկախ ինչպէ՛ս, ուիլիըմսարոյանական բարութիւնը, լաւատեսութիւնը, խաղաղութիւնն ու կենսախնդութիւնը կը լեցուին մէջդ:

Նորօրեայ Շուշիի Խանդամիրեան թատրոնի տիկնիկային ներկայացումները ինծի համար հին ու դժուարին անուշ օրերու տաք հացի անկրկնելի բոյրը ունին…

 

 

 


Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սպասելով Ընդդիմութեան

$
0
0

Որքա՞ն պիտի սպասենք: Որքա՞ն կարելի է սպասել:

Դեկտեմբեր 9-ի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի արտակարգ ընտրութիւններէն ետք այս հարցադրումները տեղին է շարունակ նշելը:

Սպասուածը պարզ ու մեկին ընդդիմութիւնն է:

Այդ ընդդիմութիւնը, որ կրնայ որոշ ուղղութիւն մը տալ երկրի մը, ուր նոյնինքն ընդդիմութիւնը ղեկը ստանձնելէ ետք ստեղծած է քաղաքական բացակայութիւն մը` պարապութիւն մը, որ հետզհետէ մտահոգիչ կացութիւն կը ստեղծէ:

Իսկ եթէ այդ «Սպասելով ընդդիմութեան»-ը հանրածանօթ թատերագիր Սամուէլ Պեքեթի «Սպասելով Կոտոյին» գործին յար եւ նման ըլլայ, այդ պարագային անհեթեթի թատրոնը խուժած պիտի ըլլայ նաեւ քաղաքական բեմահարթակ` ստեղծելով աններելի անհեթեթութիւն մը, տարբեր իրապաշտ աշխարհի մը մէջ, ուր ամենադոյզն դերն ու շարժումը տարբեր կացութիւններ կը ստեղծեն:

Եթէ «Սպասելով Կոտոյին» մէջ երկու հերոսները` Վլատիմիր եւ Էսթրակոն, կը սպասեն Կոտոյին, որ երբեք չի յայտնուիր, հայորդիին պարագային թատրոն չէ պատահածը: Իսկ եթէ ցայսօր անյայտ ու չքացած ընդդիմութիւնը չյայտնուի, այդ պարագային է, որ կրնայ ղեկավարն ու ղեկավարութիւնը հասցնել մեծամոլութեան:

Նոյնինքն «Սպասելով Կոտոյին» մէջ, վերոյիշեալ երկու հերոսները  իրլանտական առոգանութեամբ կը զրուցեն եւ կ՛արտայայտուին, այդ մէկն ալ դիտմամբ Պեքեթ կը կատարէ` իբրեւ իրլանտացի իր ցասումն ու քննադատութիւնը արտայայտելու Բրիտանիոյ (անդրանիկ ներկայացում` 1953-ին, Փարիզի մէջ) դէմ:

Հայորդիին համար առոգանութեան կարիքը չկայ: Յստակ է, որ առանց որեւէ տեղայնականութիւն ստեղծելու` ընդդիմութեան կարիքը կայ:

Մինչ այդ, արդէն իսկ մօտիկ ապագայի վարչապետը, շտապօրէն գործի անցնելով` կատարած է շտապ յայտարարութիւններ: Առաջին հերթին, ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան  անդրադառնալով` ան յայտնեց, որ Հայաստան անդամ է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) եւ հակառակ ՕԹԱՆ-ի խաղաղապահ առաքելութիւններու անդամակցելուն եւ գործելուն Քոսովոյի ու Աֆղանիստանի մէջ, երբեք չի ձգտիր անդամակցելու:

Այս արագ եւ բաւական հաւասարակշռուած մատնանշումէն անկախ Փաշինեան աւելի պղտոր ջուրերու մէջ փորձեց որսալ` առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ ուղիղ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու նիւթը արծարծելով:

Հետաքրքրականը այն է, որ ան նոյնիսկ կռահած էր Թուրքիոյ պատասխանը, թէ` Անգարայի հետ յարաբերութիւնները կապուած են Արցախի հիմնահարցին հետ, որուն մէջ առաջնահերթ դեր ունի անոր մօտիկ գործակից Ազրպէյճանը:

Ազգային ժողովի վերջնական դասաւորումները չկատարուած` տեղի կ՛ունենան պատասխանատու արտայայտութիւններ, որոնք ինքնաբերաբար կ՛ազդեն երկրի ազգային ապահովութեան վրայ:

Ժամանակը կարճ է: Հայաստանի Կոտոն` ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ, պէտք է որ յայտնուի:

… Անյապաղ` սպասելով ընդդիմութեան:

 

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի 100-ամեակի Յատուկ Թիւի. Ազգայի՛ն Արժէք

$
0
0

Ամէն իմաստով տարբեր եղան ՀՄԸՄ-ի անցնող տարուան 100-ամեակի տօնակատարութիւնները: Ձեռնարկներու սովորական շարք մը չեղան անոնք, ո՛չ ալ «մենք մեզմով» կատարուած յաւուր պատշաճի հանդիսութիւններ եղան:

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները իրենց համահայկական տարողութեամբ, համա-ՀՄԸՄ-ական մասնակցութեամբ եւ համաժողովրդային խանդավառութեամբ, պատմութեան անցան` իբրեւ հետք ու դրոշմ ձգող հանդիսութիւններ, խորք ու թելադրականութիւն ունեցող ձեռնարկներ:

Տօնակատարութիւններ շատ կատարուած են ու դեռ պիտի կատարուին, սակայն այն, ինչ որ յուլիս

2018-ին Հայաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցաւ, աննախընթաց էր իր ձեւով ու բովանդակութեամբ, հետեւաբար նաեւ արժանի` յատուկ ուշադրութեան եւ խորհրդածութեան:

Խորհրդանշական կերպով, 100-ամեակի ջահավառութիւնները ընթացք առին չորս վայրերէ, որոնք հայութեան նահատակներուն եւ միութեան հիմնադիրներուն անժամանցելի պատգամները կը փոխանցեն:

100-ամեակի նուիրուած Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումը, 1200 մասնակիցներով, ինքնին նուաճում մը կարելի է նկատել միութեան պատմութեան մէջ: Բանակումի նախօրեակին, 17 խմբապետներու ուխտագնացութիւնը Արեւմտահայաստան եւ Արարատի գագաթին 100-ամեակի ջահերէն մէկը վառելու յանդուգն նախաձեռնութիւնը, իրաւա՛մբ, կրնայ նկատուիլ պատմական այլ իրագործում մը, որուն մասին դժուար թէ կարելի ըլլար երեւակայել մինչեւ մօտիկ անցեալին:

Ու տակաւին, պէտք է երկար կանգ առնել տօնակատարութիւններու եւ ոգեկոչումներու ոսկէ շղթային այն օղակներուն վրայ, որոնք երկարեցան Բիւրականէն Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուրէն Վազգէն Սարգսեանի անուան սպայից վարժարան, Երեւանի «Հանրապետութեան» հրապարակէն Գիւմրիի «Վարդանանց» հրապարակ, անցնելով սփիւռքի նախարարութեան սրահին մէջ կազմակերպուած 100-ամեակի գիտաժողովէն, հասնելու համար օփերայի պաշտօնական հանդիսութեան եւ կալա-ընթրիքին` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Հայաստանի նախագահին, օփերայի հանդիսութեան պարագային` նաեւ ներկայութեամբը եւ պատգամովը Հայաստանի վարչապետին:

Հանդիսութիւններուն առընթեր, 100-ամեակը մեր ժողովուրդին տուաւ միութեան թանգարանին ալպոմը, 100-ամեակի դրոշմաթուղթը եւ ժամացոյցը, որոնք ընթացիկ յուշանուէրներ ըլլալէ աւելի` փառաւոր անցեալի մը յաւերժացումը նշեցին:

Հայրենի պետութիւնը իր աւագանիով, Հայ եկեղեցին իր նուիրապետական աթոռներով ու համայնքային հոգեւոր պետերով, ազգային մարմիններն ու կազմակերպութիւնները իրենց ներկայացուցիչներով ներկայ եղան, ողջունեցին եւ շնորհաւորեցին 100-ամեայ յոբելեարը, մինչ հաւատաւոր միութենականներ իրենց քսակները լայն բացին, կնքահայրութիւն կատարեցին, որպէսզի արժանավայել յարգանքն ու գնահատանքը մատուցուի ա՛յն միութեան, որ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ծնաւ եւ անցնող մէկ դարուն տարուէ տարի աճեցաւ, զօրացաւ եւ համահայկական հպարտութեան աղբիւր դարձաւ:

Իր պետութեամբ եւ ժողովուրդով Հայաստան ծափահարեց ՀՄԸՄ-ին: Անոր ի պատիւ դրոշմաթուղթ հրապարակեց: Միութեան դրօշը 10 օր Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին վերեւ ծածանելէ ետք Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ յաւերժացուց:

Երեւանի վարիչները 100-ամեակի միջնախարարական գերատեսչութիւն ստեղծեցին, համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի մասնակիցներուն անցագիրները անվճար տրամադրեցին եւ, տակաւին, բազմաթիւ այլ դիւրութիւններ ընծայեցին, որովհետեւ գործով ու փորձո՛վ հաստատեցին, որ ՀՄԸՄ ընդհանրական բարիք մըն է մեր ժողովուրդին համար: ՀՄԸՄ փրկութեան լաստ մըն է, դաստիարակութեան եզակի դպրոց մը, ուր մատղաշ տղաքն ու աղջիկները կը սորվին բարձրանալով ուրիշներն ալ իրենց հետ բարձրացնել: ՀՄԸՄ-ի մէջ կը պատրաստուի բարձրացող ու բարձրացնող հայ մարդը, որ սիրոյ, ներդաշնակութեան, հնազանդութեան, ծառայութեան եւ հաւաքական վերելքի ճամբան կը հարթէ ընկերութեան դիմաց:

Այսպէս, յաջորդական սերունդներ կրթած, ոգեւորած եւ ներշնչած ՀՄԸՄ-ը իր 100-ամեակին արժանացաւ ընդհանուրին գուրգուրանքին եւ հիացմունքին: Ան հնձեց տասնամեակներու ընթացքին իր ցանածին արդիւնքը, եւ երբ պահը ներկայացաւ, մարդիկ չվարանեցան վկայելու, որ ՀՄԸՄ սովորական միութիւն մը չեղաւ: ՀՄԸՄ-ի ազգային արժէ՛ք մը եղաւ: Ան գործեց ըստ կարիքի: Երբ պէտք եղաւ, ան որբեր խնամեց: Երբ անհրաժեշտութիւն զգացուեցաւ, ան գաղութներ որբութենէ փրկեց: Տեղ մը բարոյական առողջ միջավայր ստեղծեց, այլ տեղ այլասերման դէմ պայքարեցաւ, մէկ այլ տեղ համախումբ եւ ներդաշնակ աշխատանքի վարժութիւն փոխանցեց: Իսկ ամէն տեղ սկաուտութիւնը եւ մարզական շարժումը հայացուց: ՀՄԸՄ իր անդամներուն տուաւ ազգային ոգի: Ան չեղաւ ժամանակի մը, միջավայրի մը կամ գաղութի մը միութիւնը, այլ եղաւ բոլոր ժամանակներու, բոլոր պայմաններու եւ հանո՛ւր հայութեան միութիւնը, որուն առաքելութիւնը ախոյեաններ պատրաստելէ շա՜տ աւելի հեռուները գնաց:

Մարդիկ ՀՄԸՄ-ը գնահատեցին ո՛չ միայն իր անցեալին համար, այլ մանաւա՛նդ` իր առողջ, կենսունակ եւ պատուաբեր ներկային համար, որովհետեւ 100-ամեակի տօնակատարութիւնները եկան ցոյց տալու, որ հայ կեանքի ամէնէն տարածուն եւ ամէնէն բազմանդամ այս միութիւնը, կազմակերպական իր մեծ ցանցով, պատմական փորձառութեամբ եւ անսպառ խանդավառութեամբ, այսօր, աւելի քան երբեք, անփոխարինելի տեղ ունի մեր իրականութեան մէջ: Մեր ժողովուրդը, Հայաստան թէ սփիւռք, կարիքը ունի ՀՄԸՄ-ի ազգային ոգիով շահած յաղթանակներուն, որոնցմով նորահաս սերունդներու ազգային նկարագիրը կը դարբնուի, ազգային հպարտութիւնը կը կերտուի, եւ հայ մարդը իր անցեալին ու ապագային կը կապուի:

100-ամեակի տօնակատարութիւնները, վերջապէս, եկան հաստատելու, որ մեր ժողովուրդը խոր հաւատք եւ վստահութիւն ունի իր հարազատ զաւակին` ՀՄԸՄ-ին, որուն դերն ու պարտականութիւնը աւարտած չի նկատեր 100-ամեակի հանգրուանով, ընդհակառակն` երկրորդ 100-ամեակի սեմին նոր ճիգ, նոր ծրագիրներ եւ նոր նուաճումներ կը սպասէ ՀՄԸՄ-էն, որպէսզի ան տեւաբար տէր կանգնի իր նուիրական կոչումին, շարունակէ բարձրանալ, բարձրանալ ու բարձրացնել, հասնիլ եւ հայ ժողովուրդը հասցնել նորանոր բարձունքներու, հո՛ն, ուր պիտի ուզէինք տեսնել զայն`

Հզօր, բարօր եւ բարգաւա՛ճ,
Մասիսը ամբողջութեամբ գրկա՛ծ եւ
Ժողովրդավար, արդար ու ամբողջակա՛ն Հայաստանի դրօշը ծածանած:

 

 

Սլաք. Իշու Եւ Փալանի Պատմութիւն

$
0
0

Ս. Մ.

Նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախկին իրաւաբանը` Մայքըլ Քոհըն, չորեքշաբթի, 12 դեկտեմբերին 3 տարի բանտարկութեան եւ 2 միլիոն տոլար տուգանք վճարելու դատապարտուեցաւ, որովհետեւ ելեւմտական քրէական արարքներ գործած է. շահատուրքի օրէնքը խախտած է, ստած է խորհրդարանին առջեւ ու նախագահին «կաշին փրկած է» ընտրապայքարի օրերուն` երկու «արհեստավարժ կիներ»-ու կաշառք վճարելով, որպէսզի անոնք նախագահին խաղքութիւնները հրապարակ չհանեն ու չվնասեն անոր ընտրապայքարին: (Գլխաւոր համրը Առաջին տիկինն է, ինչպէս որ անցեալին, Մոնիքայի օրերուն, Հիլըրին էր):

Քոհընի դէմ արձակուած վճիռները անգամ մը եւս պայթեցուցին ծանօթ հարցին շուրջ բարձրացած աղմուկը, որուն մէջ քաղաքական քաշքշուքը մեծ տեղ կը գրաւէ: Վճիռը սպասելի էր, որովհետեւ նախագահը շաբաթ մը առաջ իբրեւ ստախօս ամբաստանած էր իր նախկին սերտ գործակիցը եւ զայն արժանի նկատած էր բանտարկութեան:

Նախագահին կողմէ հազիւ երկու տարի առաջ իբրեւ վստահելի ու հաւատարիմ գործակից փառաբանուած Քոհընը կը մատնուի անփառունակ ճակատագիրի եւ… հրապարակը կ՛ողողէ մեկնաբանութիւններու «ցունամի»-ով մը, որուն սկիզբը յայտնի է, իսկ հետեւանքները` մասամբ քողարկուած: Ան դատարանին մէջ հրապարակաւ ներողութիւն խնդրեց իր գործած օրինազանցութիւններուն համար` ըսելով, որ այդ քայլերը առած էր նախագահին հանդէպ «կոյր վստահութենէն»: Յայտնապէս կոյրերը միայն մէկ տեղ չեն…

Հրապարակ նետուած մեկնաբանութիւններէն մէկն ալ կ՛ըսէ, որ Քոհընի դէմ արձակուած վճիռը գայթակղութիւններու փակումը չէ, այլ Թրամփի դէմ շղթայազերծուած` հաշուետուութեան պահանջին հորիզոնները կ՛ընդարձակէ, վառելանիւթ կը հայթայթէ մէկ այլ քննիչի` Ռապըրթ Միւլըրի, որ կը պեղէ Ռուսիոյ հետ Թրամփի շահակցական ծրագիրներուն գայթակղութիւնը: Եւ պատահական չէ, որ Քոհընի դէմ արձակուած վճիռէն անմիջապէս ետք, նախագահին այժմու իրաւաբանը` Ռուտոլֆ Ճիւլիանի, կոչ ըրաւ անյապաղ վերջ դնելու Միւլըրի քննութիւններուն («չար լեզուներ» հարց կու տան, թէ արդեօք պիտի հասնի՞ այն օրը, երբ Ճիւլիանին ալ պիտի արձանագրուի վարկաբեկեալ Քոհընի ու այլ պաշտօնազրկուած պաշտօնատարներուն շարքին: Յայտնապէս Թրամփ հայոց պատմութիւն կարդացած է եւ կը հետեւի «սահմանք քաջաց…» խրատին):

… Եւ ամերիկեան հանրային կարծիքը շնչահեղձ կը պահուի այս ու նմանօրինակ գայթակղութեանց ճախճախուտին մէջ, քաղաքացիներուն ակնարկներն ու ուշադրութիւնը հեռու կը պահուին ի՛սկապէս էական հարցերէ: Սխալ չհասկցուինք. եթէ տեղ մը նախագահն ու իր գործակիցները սխալներ գործած են, նախագահը կամ պետական ոեւէ բանալի պատասխանատու փորձէ իր կալուածէն դուրս, օրինակ` դատական իշխանութիւններուն վրայ իր շահուն համար ազդեցութիւն բանեցնել եւ ոտնակոխել իշխանութեան բաժանումի դրութիւնը, սահմանազանցութիւնը պէտք չէ աչքաթող պահուի: Սակայն նո՛յնքան կարեւոր է հետապնդումները հեռու պահել քաղաքական աժան հաշիւներէ ու սնամէջ քարոզչութիւններէ, որուն մէջ «նոպէլեան մրցանակ»-ի արժանի է ամերիկեան մամուլը:

Նման մօտեցում` բոլորը կը դնէ մատը վէրքին ճիշդ կիզակէտին դնելու հարկադրանքին դիմաց: Մեր առածը երկար մեկնաբանութեան չի կարօտիր. «Երբ չի կրնար էշը ծեծել, փալանը կը ծեծէ»:

Նպատակ չունինք նախագահը հաւասարեցնելու իշու, ոչ ալ Քոհընը` փալանի, սակայն նաեւ պէտք չէ նուիրականացնել եւ չգրուած օրէնքի կարգ անցընել նիքսընեան ու պիլքլինթընեան նախընթացները…

12 դեկտեմբեր 2018

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պէտք Է Կոչէ «Ցեղասպանութիւն»

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Բոլորը գիտեն, որ դեսպանները պէտք է հետեւին իրենց կառավարութիւններու արտաքին քաղաքականութեան ուղենիշներուն եւ չեն կրնար տալ իրենց անձնական որոշումները:

Սակայն տարօրինակ է, որ Միացեալ Նահանգներու իրերայաջորդ դեսպաններուն թոյլ չեն տար Հայոց ցեղասպանութիւնը կոչել «ցեղասպանութիւն»: Պարզապէս պատկերացուցէք, թէ ինչպիսի՛ աղմուկ կը բարձրանար, եթէ Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը հրաժարէր օգտագործելէ «Հրէական ողջակիզում» եզրը…

Հակառակ նոյնիսկ հայերու շրջանակին մէջ հանրային սխալ ընկալման` Միացեալ Նահանգները բազմիցս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը կառավարութեան ամէնէն բարձր մակարդակներու վրայ:

Ամերիկացի ոեւէ պաշտօնեայ, որ կը խուսափի Հայոց ցեղասպանութիւն եզրի կիրարկումէն, կը խեղաթիւրէ Միացեալ Նահանգներու վաղեմի պատմութիւնը: Ինչպէս բազմաթիւ անգամ գրած եմ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը առաջին անգամ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ 1951-ին, երբ պաշտօնական զեկոյց մը ներկայացուց Արդարադատութեան միջազգային դատարան, յայտնի` իբրեւ Համաշխարհային դատարան: Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը 1975-ին եւ 1984-ին ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկու բանաձեւներ, իսկ Ռոնըլտ Ռիկըն 22 ապրիլ 1981-ին հրապարակեց նախագահական հռչակագիր մը` յիշատակելով Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Համեմատեցէք Միացեալ Նահանգներու վերոնշեալ պատմական փաստերը Ամերիկայի վերջին նախագահներու եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններու կատարած խուսափողական յայտարարութիւններուն հետ, բացառութեամբ` Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Էվընզի, որ խիզախօրէն ճշմարտութիւնը ըսաւ իր իշխանութեան` Հայոց ցեղասպանութեան մասին, վտանգելով իր դիւանագիտական ասպարէզը, որ ընդհատուեցաւ 2006-ին, նախագահ Ճորճ Պուշի վարչակազմին կողմէ:

4 դեկտեմբեր 2018-ին Հայոց ցեղասպանութեան պատշաճ ճանաչման եւս մէկ քննարկում տեղի ունեցաւ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին Լին Թրէյսիի թեկնածութեան հաստատման համար հարցադրումներուն ընթացքին:

Հարցադրումներուն ընթացքին իր բացման խօսքին մէջ Թրէյսի խուսափեցաւ օգտագործելէ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը. «Յանձնախումբի մեծարգոյ նախագահ, 1915-ի սարսափելի դէպքերը` Մեծ եղեռնը կամ Մեծ աղէտը, որուն ընթացքին 1,5 միլիոն հայեր դարձան տեղահանութիւններու, կոտորածներու եւ մահուան երթերու զոհեր` Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն, երբեք չեն կրնար մոռցուիլ: Ինչպէս Հայկական յիշատակի օրուան ուղերձին մէջ նշած էր նախագահ Թրամփ` «յարգանքի տուրք մատուցելով տառապեալներուն` մենք պէտք է ամէն բան ընենք թոյլ չտալու համար, որ նման վայրագութիւններ կրկնուին»: Հաստատուելու պարագային, լիազօրութիւններուս սահմանին մէջ ես ամէն ինչ կ՛ընեմ Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակը վառ պահելու եւ այդ ծանրակշիռ յանձնառութեան հետամուտ ըլլալու համար: Մենք պէտք է յառաջ նայինք` դէպի ապագայ եւ դէպի նոր կարելիութիւններ` Հայաստանի յաջորդ սերունդին համար: Թուրքիոյ հետ հաշտեցման ուղղութեամբ յառաջընթացը կ՛օգնէ կրճատելու Հայաստանի մեկուսացումը եւ թափ տալու երկրի տնտեսութեան: Այս նպատակով մենք կը քաջալերենք, որ Թուրքիա եւ Հայաստան ընդունին եւ դէմ յանդիման գան անցեալի ցաւալի տարրերուն: Հաստատուելու պարագային, ամէն ինչ կ՛ընեմ աջակցելու համար աւելի խաղաղ եւ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ կերտելու նպատակով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ջանքերուն»:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին Միացեալ Նահանգներու պատմական փաստերուն հետեւելու փոխարէն` Թրէյսի ճարպիկօրէն դիմեց հին հայկական «Մեծ եղեռն» եզրին` «Հայոց ցեղասպանութիւն» ճիշդ եզրի կիրարկումէն խուսափելու համար: Ան «Մեծ եղեռն»-ը ոչ ճիշդ նկարագրեց որպէս «Մեծ աղէտ», որ իրականութեան մէջ կը նշանակէ «Մեծ ոճիր»:

«Քիչ հաւանական կը թուի, որ Թրամփի վարչակազմը կը փոխէ իր ամերիկեան վաղեմի քաղաքականութիւնը, թէ ինչպէ՛ս կը յիշատակենք Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ինչպէ՞ս կը վերաբերիք ամերիկահայ համայնքի կոչերուն` 1915-ի սպանդը «Ցեղասպանութիւն» կոչելուն», հարցուց Թրէյսիին` իր բացման խօսքէն ետք ծերակուտական Էտ Մարքի (դեմոկրատ, Մասաչուսեց):

Թրէյսի պատասխանեց. «Թրամփի վարչակազմը եւ անձամբ ես կ՛ընդունինք այն պատմական փաստերը, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին տարիներուն` զանգուածային սպանութիւններ, բռնի տեղահանութիւններ եւ մահուան երթեր, որոնք խլեցին 1,5 միլիոն կեանքեր եւ բազում տանջանքներ պատճառեցին: Եւ ես, հաստատուելու պարագային, իմ լիազօրութիւններուս սահմանին մէջ կ՛ընեմ ամէն բան` ճանչնալու եւ յարգելու հայերու կորուստներն ու տանջանքները եւ պարտաւոր կ՛ըլլամ մասնակցելու յիշատակի բոլոր ձեռնարկներուն»:

Ծերակուտական Մարքի եզրակացուց` ըսելով. «Ժամանակն է, որ մենք պարզապէս կանգնինք եւ եղածը կոչենք իր անունով: Այս մէկը մեզի կ՛օգնէ, որ ապագային վստահութիւն ձեռք բերենք»:

Այնուհետեւ ծերակուտական Պոպ Մենենտեզ (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզի) Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ շարք մը հարցումներ ուղղեց դեսպանութեան թեկնածու Թրէյսիի. «Դուք տեղեա՞կ էք, որ 1915- 1923 մօտաւորապէս 1,5 միլիոն հայ տղամարդեր, կիներ եւ մանուկներ սպաննուած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ»:

Թրէյսի պատասխանեց. «Այո՛, ծերակուտակա՛ն, ինչպէս ըսի, վարչակազմը եւ ես կ՛ընդունինք ձեր նշած պատմական փաստերը»:

Մենենտեզ. «Դուք տեղեա՞կ էք, որ  24 մայիս 1915-ին դաշնակից պետութիւնները` Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ռուսիա, հանդէս եկած են միացեալ յայտարարութեամբ` առաջին անգամ բացայայտօրէն մեղադրելով ուրիշ կառավարութիւն մը` «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցանքներ» գործելու մէջ»:

Թրէյսի. «Ծերակուտակա՛ն, ես տեղեակ չեմ տուեալ իրադարձութեան մասին»:

Մենենտեզ. «Ես զայն ներկայացուցի ձեր ուշադրութեան, եւ դուք զայն կարդալէ ետք գրաւոր կը պատասխանէք ինծի: Դուք տեղեա՞կ էք, որ անկախ դաշնակցային գործակալութիւն հանդիսացող Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզման յուշահամալիրի խորհուրդը 30 ապրիլ 1981-ին միաձայն ընդունած է, որ Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզման թանգարանը պաշտօնապէս կը հաստատէ Հայոց ցեղասպանութիւնը թանգարանին մէջ եւ այդ ըրած է հանրային փաստաթուղթերու ստուգման միջոցով»:

Թրէյսի. «Ծերակուտակա՛ն, ես գրաւոր հաստատում կը ներկայացնեմ ձեզի»:

Մենենտեզ. «Դուք տեղեա՞կ էք, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու դեսպան Հենրի Մորկընթաու ըսած է, որ թրքական կառավարութեան կողմէ հայերու տեղահանութեան հրամանը եղած է «ամբողջ ցեղի մահուան պատուէր», եւ «յատուկ ջանքեր չեն գործադրուած այդ միտումը թաքցնելու համար` Մորկընթաուի հետ անոնց զրոյցին ընթացքին»:

Թրէյսի. «Այո՛, ծերակուտակա՛ն, ես տեղեակ եմ դեսպան Մորկընթաուի այդ զեկոյցի փաստերէն»:

Մենենտեզ. «Արդեօք դուք կարգապահական տնօրինման կ՛ենթարկէ՞ք կամ այլ կերպ կը պատժէ՞ք  Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ոեւէ պաշտօնեայ` Հայոց ցեղասպանութեան անկեղծ յիշատակումը կատարելուն համար»:

Թրէյսի. «Ծերակուտակա՛ն, կը կարծեմ, որ բոլորս կը հետեւինք վարչակազմի քաղաքականութեան, եւ քաղաքականութիւնը այն է, որ մենք կ՛ընդունինք 1915-ի իրադարձութիւններու պատմական փաստերը` իբրեւ զանգուածային վայրագութիւն, եւ մենք կը մասնակցինք յիշատակի որեւէ ձեռնարկի: Եւ ես պարզապէս կ՛ըսեմ, որ որպէս արտաքին ծառայութեան աւագ ղեկավար` միշտ բաց եմ իմ խումբի հետ հարցերու քննարկման համար: Ես չեմ պատժեր մարդիկ` իրենց տեսակէտները արտայայտելուն համար: Սակայն, որպէս գործադիր մարմինի անդամներ, վերջապէս, մենք զօրավիգ կը կանգնինք նախագահին վարած քաղաքականութեան»:

Մենենտեզ եզրակացուց. «Այս խնդիրը միայն ձեզի չի վերաբերիր. անիկա կը վերաբերի մեր առջեւ կանգնած թեկնածուներուն: Փաստօրէն մենք ունինք պատմական իրականութիւն` ջարդուած է 1,5 միլիոն մարդ: Ասիկա ցեղասպանութիւն է: Եւ դեռ մենք դեսպաններ կ՛ուղարկենք երկիր մը եւ այդ մարդոց կը ստիպենք հայ ժողովուրդի ողջակիզման յուշահամալիր այցելել, սակայն անոնք չեն կրնար պատահածը կոչել «ցեղասպանութիւն»: Սա բաւականին հեգնական երեւոյթ է: Եթէ մենք չկարենանք ճանչնալ անցեալը, դատապարտուած ենք վերապրելու զայն: Ուրեմն, ես յոյսով եմ, որ ասիկա իւրայատուկ չէ արտաքին գործոց նախարարութեան համար: Այս երեւոյթը կը շարունակուի երկար ժամանակէ ի վեր: Մենք պէտք է փոխենք այս իրականութիւնը: Ես ձեզի ուղղեցի շարք մը հարցումներ, որովհետեւ կը փորձեմ ձեզի տալ միւս բոլոր տարրերը: Սակայն իրականութիւնը այն է, որ կը թուի, թէ մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ այդ բառերը դուրս գան մեր շուրթերէն, «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերը: Ահա, թէ ինչ տեղի ունեցած է: Այն, ինչը ցոյց կու տայ պատմութիւնը: Այն, ինչը կը ճանչնայ աշխարհը: Այն, ինչը մեր սեփական դաշնակցային գործակալութիւնը կը ճանչնայ` Ողջակիզման թանգարանին նման: Յոյսով եմ, որ դուք կը յաջողիք քննել բոլոր հարցումները եւ լաւագոյնս պատասխանել, որպէսզի հասնինք աւելի լաւ տեղ մը»:

Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Թրէյսիին թեկնածութիւնը կը քննարկէ ապագայ հարցադրումներուն ընթացքին, երբ ան կը ներկայացնէ իր խոստացած գրաւոր պատասխանները ծերակուտական Մենենտեզի տուած հարցումներուն:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Տաղանդաւոր Դաշնակահար Վաղամեռիկ Գէորգ Էմմիեանի Յիշատակին

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

1960-ականներուն Փարիզի ուսանողական «Մարի Նուպար» հայկական տուն ժամանեց հազիւ 20 տարեկան, գանգրահեր երիտասարդ մը: Եկած էր Պէյրութէն Փարիզ` Ազգ. բարձրագոյն երաժշտանոցը մտնելու, հմտանալու համար որպէս մենակատար դաշնակահար:

Տաղանդաւոր, ծայր աստիճան քաղաքավար, ընտանեկան յարկի աւանդութիւններով կրթուած իր դաշնակահար եղբօր` Ստեփան Էմմիեանի շունչով մեծցած այս տղան հմայեց ուսանողական տան բնակիչները` իր համակրելի բնաւորութեամբ:

Գէորգին հետ ծանօթացողը կ՛ուզէր իր բարեկամը դառնալ. այդպէս եղաւ նաեւ ինծի հետ: Հակառակ մեր տարբեր ասպարէզներուն, նկարիչ եւ երաժիշտ, առաջին իսկ վայրկեանէն մենք դարձանք բարեկամներ: Մեզ հետաքրքրող նիւթերն էին հայութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, բայց նաեւ մտքերու փոխանակումը` արուեստի եւ իմաստասիրութեան մասին:

Յաճախ մտիկ կ՛ընէի իր նուագը դաշնակի վրայ ու ճեպանկարներ կ՛ընէի իր դիմագիծներէն:

Քանի մը տարի ետք Գէորգ մեկնեցաւ Զուիցերիա` դաշնակի մասնաւոր դասեր առնելու:

Մենք զիրար գտանք նաեւ Պէյրութի մէջ, երբ երկուքս ալ եկած էինք ամրան մեր ծնողները տեսնելու:

Օր մը Գէորգ զիս հրաւիրեց իր Անժել քրոջը տունը` ծանօթացնելու իր քեռայրն ու հօրաքոյրը, որ ունէր գեղեցիկ ձայն: Երեկոն ծաղկեցուց հայկական գեղեցիկ երգերով, որոնց շարքին էր նոր ստեղծուած հետեւեալ երգը. «Որքան ցանկացայ ես մէկին սիրել, որ իր կրծքի տակ սիրած չունենար…»:

Ուրիշ տարի մը, դարձեալ ամրան, երբ կը գտնուէի Երուսաղէմ Մարիամ Աստուածածնի եւ առաջնորդ սրբազան Եղիվարդի դիմանկարները նկարելու համար, Գէորգը գտայ Ռամալլայի մէջ, ուր հրաւիրուած էր համերգ մը տալու:

Այդ եղաւ մեր վերջին հանդիպումը, սակայն Գէորգին քոյրը պատմեց հետեւեալը իր մասին.

«Գէորգը աւարտելէ ետք իր մասնագիտական ուսումը, հրաւիրուած էր Լոզանի երաժշտանոցին մէջ բարձրագոյն դասարաններուն դաշնակի դասեր տալու: Կը բնակէր Լոզան: Լիճի եզերքէն քիչ մը հեռու, ամէն օր կ՛երթար երաժշտանոց` փոխադրամիջոցով: Օր մը կ՛ուզէ քալելով երթալ լիճի եզերքէն` երազելով… Բաւական ետք ճամբու եզրին կը տեսնէ երիտասարդ խարտեաշ աղջիկ մը, որ կու լար… Գէորգը կը մօտենայ օրիորդին ու կը սփոփէ զայն: Մեկնելէ առաջ օրիորդին կու տայ իր այցեքարտը` ըսելով. «Երբ որեւէ ատեն պէտք ունենաս, հեռաձայնէ ինծի»:

Օրիորդ Իրեն (Irene) ֆրանսացի էր ու կը բնակէր լիճի ֆրանսական ափին, ամէն օր հեծանիւով կ՛երթար Լոզան` ընկերութեան մը մէջ աշխատելու:

Շաբաթներ ետք Իրեն դարձեալ  արկած մը կ՛ունենայ, կը հեռաձայնէ Գէորգին, որ կը հասնի օգնելու իրեն: Բազմաթիւ անգամներ իրարու հետ տեսակցելէ ետք կ՛ամուսնանան եւ կ՛ունենան երկու զաւակներ: Կ՛ապրին երջանիկ` մինչեւ Գէորգի մահը, որ կը պատահի 5 օգոստոս 2010-ին»:

Պուրճ Համուտ
2 դեկտեմբեր 2018

Արա Արծրունի (Մտերմութեան Մէջ)

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Աջին՝ Արա Արծրունի, Սարգիս Մահսէրէճեան,
ձախին՝ Պօղոս Շահմելիքեան, Խոսրով Ասոյեան եւ Արա Մածունեան

Թատերասէր եմ, սակայն թատրոնի եւ թատրերգութիւններու մասին կարծիք  արտայայտելը կարողութենէս վեր է: Փոխարէնը` քանի մը յուշերով կ՛ուզեմ անդրադառնալ 40 օրեր առաջ մեզմէ յաւերժ հեռացած,  սփիւռքի լաւագոյն թատերագիրներէն Արա Արծրունիի մասին, որուն գործերուն հիացող մըն եմ:

Արա Արծրունիին հետ մեր ընտանեկան բարեկամութիւնը կ՛երկարի մինչեւ մանկութեանս տարիները:

Երէց եղբայրս` Անդրանիկը եւ Արան հասուն երիտասարդներ էին, իսկ ես` տակաւին երեխայ:

Դժբախտաբար ժամանակին չեմ հետաքրքրուած, թէ ո՞ւր եւ ե՞րբ սկսած է այդ բարեկամութիւնը, որ եղբօրս կանխահաս մահէն ետքն անգամ շարունակուեցաւ: Փոխարէնը` կը յիշեմ ի՛մ եւ Արա Արծրունիին ծանօթութիւնը, որ սկսած է Շթորայի մէջ: Որպէս գիւղագնացներ` երկուքիս ընտանիքները դրացիներ էին:

Այդ տարիներուն «դրացի»-ն տարբեր նշանակութիւն ունէր եւ ներկայ օրերու դրացնութենէն տարբեր էր, մասնաւորաբար` Շթորայի նման հայկական գիւղին մէջ:

Արա կը բնակէր իր մօրը հետ: Հայրը կորսնցուցած էր շատ կանուխ, իսկ քոյրերը արդէն կազմած էին իրենց ընտանեկան բոյները: Չորս քոյրերուն կրտսերագոյնն էր:

Արային մայրը եւ երէց քոյրս` Ալիսը, հակառակ իրենց տարիքի բաւական մեծ տարբերութեան, «ընկերուհիներ» էին:

Քիչեր գիտէին իր Արաքսի անունը: Ծանօթ էր իր մականունով` տիկին Արծրունի:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի շրջանայինի անդամ էր եւ` Կազդուրման կայանի պատասխանատուն:

Հայրս եւ եղբայրս, ինչպէս նաե` Արան, միայն շաբաթավերջերուն կը բարձրանային գիւղ: Շաբթուան մնացած օրերուն տիկին Արծրունին բնաւ առանձինը չէր: Շրջապատուած էր Կազդուրման կայանի չքաւոր երեխաներով եւ քանի մը օգնական ուսուցչուհիներով:

Կազդուրման կայանի երեխաներէն մէկուն մայրը, շատ հաւանաբար` անուս կին մը, «Տիկին Կաստուր Մանկայեան» կանչած է զինքը, եւ երկար տարիներ, մտերիմ շրջանակի մէջ, իր ծածկանունը մնացած էր «Տիկին Մանկայեան»:

Եղբօրս բարեկամներէն ամենաշատը Արան տպաւորած էր զիս: Երկար ժամանակ կը տրամադրէր ինծի: Իր անհատնում հարցում-պատասխաններով կը զարգացնէր զիս նոր գիտելիքներով:

Սրամիտ էր:

«Եկո՛ւր` տեսնենք, ձմերուկդ հասունցա՞ծ է», ըսելով, իսկական ձմերուկի մը խակ կամ հասուն ըլլալը քննելու նման, մատներովը կամացուկ մը կը «թմբկահարէր» գլուխս, եւ ամէն անգամ` «Լաւ է, հասուննալու մօտ է», կը կատակէր:

Տարիներ ետք, երբ արդէն հասուն տարիքի երիտասարդ էի, մտերմաբար ձեռքը գլխուս դնելով` ըսաւ. «Կրնամ վստահեցնել, որ «ձմերուկդ» արդէն իսկ հասունցած է»:

Խնդացինք եւ յիշեցինք Շթորայի անուշ յիշատակներով լեցուն, անմոռանալի օրերը:

Գիւղագնացութեան շրջանի ամէնօրեայ հանդիպումները վերջ կը գտնէին, երբ կը վերադառնայինք քաղաք:

Արա Արծրունին իր մօրը հետ կը բնակէր քաղաքի շրջանը, իսկ մենք` նախ Էշրեֆիէ, իսկ աւելի ուշ` Պուրճ Համուտ, եւ զիրար կը տեսնէինք միայն առիթներով:

Վրայ հասաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ Արծրունի ընտանիքը փոխադրուեցաւ արեւելեան Պէյրութ: Արա արդէն իսկ ընտանիք կազմած էր Ռիթա Արապեանին հետ եւ ունէին երկու մանչ զաւակներ` Արսէնն ու Սեւակը:

Արային հետ մտերմութիւնս վերսկսաւ հասուն տարիքիս:

Երկար տարիներ մաս կազմեցի «Փորձառական թատրոն»-ին` որպէս քուլիսային աշխատող, առաւելաբար յանձն առնելով թատրերգութիւններու երաժշտական կարիքները. Արծրունիի գործերէն` «Վահագն» եւ «Միալար երաժշտութիւն» թատերախաղերը ներկայացուեցան սոյն թատերախումբին կողմէ, եւ այդ տարիներուն մեծ աղմուկ բարձրացուցին իրենց յանդուգն նիւթերով եւ նորութիւններով:

Տարին` 1977: Հաւաքուած ենք «Փորձառական թատրոն»-ի բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեանին բնակարանը` կարդալու եւ վերլուծելու «Վահագն» թատերախաղը: Արա Արծրունիին թատրերգութիւնները մէկէ աւելի անգամներ կարդացուելու կարիքը ունին: Իւրաքանչիւր ընթերցումին կը հանդիպինք միտքերու, որոնք նախապէս չէինք նկատած:

Առաջին ընթերցումը աւարտած է: Քար լռութիւն: Սքանչացած ենք բոլորս:

Առաջին խօսք առնողն եմ. «Հիանալի է»: Բոլորը կ՛երկրորդեն:

Արա Արծրունին համեստօրէն չ՛ուզեր գովաբանական խօսքեր լսել, փոխարէնը` կը նախընտրէ թեր ու  դէմ կարծիքներ եւ առաջարկներ, ու դառնալով ինծի`

«Մենք հին բարեկամներ ենք, պէտքը չունիս այդ գովաբանական խօսքերուն»:

14 ապրիլէն 8 մայիս 1977:

«Վահագն» թատերախաղը մեծ ընդունելութեան արժանացաւ: Մօտաւորապէս 70 հոգի իրենց մասնակցութիւնը բերին այդ սքանչելի թատերախաղին: Դերակատարներու կողքին, կային նաեւ մեծ թիւով ԼԵՄ-ականներ` որպէս արտասանական խումբ, եւ` գեղջուկներ, ինչպէս նաեւ` նուագախումբ մը:

Իւրաքանչիւր ներկայացումին Արա եւ Ռիթա Արծրունիները ներկայ էին: Կը նստէին «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի ամենաետեւի շարքին անկիւնը: Արան ուշադրութեամբ կը հետեւէր ներկայացման: Չէր ուզեր, որ իր գրութենէն ոչ իսկ մէկ  բառ մոռցուի: Թատրերգութեան իւրաքանչիւր տողը մեծ նշանակութիւն եւ իմաստ ունի:

Տարբեր բեմադրիչներ միեւնոյնը արտայայտուած են Արա Արծրունիին մասին: Ո՛չ իսկ ստորակէտ մը կ՛ուզէր, որ փոխուի բնագիրէն:

* * *

Արա Արծրունին աշխատակցած է «Ազդակ» օրաթերթին, ինչպէս նաեւ` «Բագին», «Կամար», «Սփիւռք» եւ «Արծիւ» պարբերաթերթերուն:

Գրած է պատմուածքներ եւ թատրերգութիւններ: Կարօ Սասունի, կարդալէ ետք անոր  գործերը, անոր մէջ նկատած է ապագայ թատերագիրը եւ` քաջալերած, որ նուիրուի գրականութեան թատրերգութեան ճիւղին:

Արան յուսախաբ չըրաւ Սասունին: Արեւմտեան գրականութեան ժառանգ ձգեց տասնեակներով թատրերգութիւններ: Անհեթեթի թատրերգութեան հազուագիւտներէն է ան: Հաւանաբար` առաջինը, ո՞վ գիտէ, թերեւս միակը:

Հայրը կորսնցուցած է շատ փոքր տարիքին: Նիւթական չափազանց նեղ կացութեան մէջ գտնուելնուն պատճառով հինգերորդ դասարանին ստիպուած է հեռանալ դպրոցական նստարաններէն` նետուելու համար կեանքի ասպարէզ, սակայն ինքնաշխատութեամբ սորված է ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուները: Կը կարդար միջազգային գրականութիւն: Կ՛ուսումնասիրէր, կը վերլուծէր եւ որպէս հրապարակագիր` իր ուսումնասիրութիւնները կը ներկայացնէր հանրութեան:

2014-ին Արա Արծրունին պարգեւատրուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» շքանշանով, իսկ 2017-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ արժանացած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին:

* * *

Արային հետ վերջին հանդիպումս 2015-ին էր, երբ կողակիցին հետ կարճ այցելութեամբ մը կը գտնուէր Լոս Անճելըս:

Արային եւ Ռիթային հետ տեսնուեցանք տանս մէջ, որմէ ետք Արան փափաքեցաւ քանի մը հին բարեկամներու հանդիպիլ:

Հաւաքին ներկայ էին «Ազդակ»-ի նախկին խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեանը, բանաստեղծ Խոսրով Ասոյեանը, «Փորձառական թատրոն»-ի նախկին դերասաններէն` Արա Մածունեանը, օրուան հիւրը` Արա Արծրունին եւ ես:

Նախընտրեցինք նստիլ ճաշարանի մը դուրսի, բացօթեայ մասը: Հաճելի երեկոյ մըն էր: Բաւական ուշ էր: Յաճախորդները բոլորը մեկնած էին, իսկ ճաշարանին սպասեակները շատոնց հասած էին իրենց տուները: Գարեջուրի պարապ շիշերով միակ սեղանը մերն էր: Այնքա՜ն յուշեր կային «Ազդակ»-ի օրերէն, «Բագին»-էն, «Փորձառական թատրոն»-էն եւ Շթորայի գիւղագնացութեան տարիներէն:

Արան աշխատակցած է բոլորիս հետ, եւ հասնելով յիշատակներու տոպրակին յատակը` վերյիշեցինք «մոռցուած» դէպքեր, միեւնոյն ժամանակ ցաւեցանք Լոս Անճելըսի մէջ հայ գիրի ու գրականութեան, մասնաւորաբար հայ թատրոնի նահանջին համար: Ծրագիրներ մշակեցինք, որոնցմէ եւ ո՛չ մէկը գործադրուեցաւ աւելի ուշ:

40 օրեր առաջ Արա Արծրունին հեռացաւ մեզմէ` հայ գրականութեան եւ հայ թատրոնին ժառանգ ձգելով մեծ թիւով գոհարներ:

Տանջուած հայր մը եղաւ, սակայն բնաւ չընկճուեցաւ: Չտեսաւ իր զաւկին ազատ արձակուիլը, սակայն աննկուն կամքով մնաց ուժեղ: Հպարտ էր եւ իր ցաւը ցոյց չտուաւ հանրութեան:

Արա Արծրունիին խօսքերով կ՛ուզեմ ամբողջացնել այս գրութիւնս, որպէս ճիտիս պարտքը` հանդէպ անձի մը, որ ամբողջ կեանքը նուիրեց հայ գիրի ու գրականութեան: Հայ թատրոնին:

«Անծանօթ հայ տղուն:

Քաղաքացիական պատերազմ: Մութ գիշեր մըն էր: Ամայացած էին Պուրճ Համուտի փողոցները: Ռումբերու ձայները տխուր պատմութիւն մը կը յօրինէին: Շէնքի մը մուտքին ապաստանած, կը սպասէի հանդարտ պահու մը` անցնելու համար յաջորդ փողոցը, ուր կը բնակէի առժամաբար: Սարսափելիօրէն առանձին էի ու տխուր: Մեր գերդաստանէն միայն ես մնացած էի Լիբանան: Բազմաթիւ ընկերներ նաեւ մեկնած էին երկրէն: Զինեալ պահակ երիտասարդ մը մօտեցաւ շէնքի մուտքին: Փոքրիկ լուսարձակով մը լուսաւորեց դէմքս ու հայերէնով հարցուց.

– Հա՞յ ես:

– Հայ եմ,- շշնջացի: Բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս ապահով կրնայի հասնիլ յաջորդ փողոցը:

Ցածլիկ պատշգամներու տակէն անցնելով` հասայ բնակավայրիս սեմին: Ռումբ մը ցնցեց թաղը:  Ճիչ մը լսեցի: Մարդիկ վազեցին: Իրարանցում: Քովի փողոցին մէջ զինեալ հայ մը մեռած էր: Սարսափեցայ: Ա՞ն էր արդեօք: Ուզեցի վազել: Յուզումը սեղմեց կոկորդս: Կթոտեցան ծունկերս: Չուզեցի ճշդել: Ա՞ն էր, թէ՞ ուրիշ մը:

Հայու արիւնը` պաղ սալայատակին վրայ:

Փոքրիկ սենեակիս մէջ կծկուեցայ անկիւն մը: Վառեցի երկու մոմեր ու… լացի: Որո՞ւ համար` չեմ գիտեր: Նայեցայ բռունցքի վերածուած ձեռքերուս ու ապա պրկուած դանդաղութեամբ մը բացի զանոնք: Բռունցքներ, ձեռքեր, բռունցքներ:

Ձեռքեր, ձեռքեր, ձեռքեր:

Այդ գիշեր չքնացայ: Այդ գիշեր կապ մը ստեղծուեցաւ մահացած այդ անծանօթ հայ տղուն եւ իմ միջեւ: Այդ կապէն ծնան հարցականներ: Այդ կապէն ծնաւ մնայուն յուզում մը:

Այդ յուզումը անուանեցի «Վահագն»:

Արա Արծրունի:
 (1977)

 

Լոս Անճելըս, 2018

 

 

ՀՅԴ-ն Մասնակցեցաւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան Համագումարին

$
0
0

Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան (Party of European Socialists, PES) համագումարը տեղի ունեցաւ 7-8 դեկտեմբեր 2018-ին, Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ, ներկայութեամբ շուրջ 500 մասնակիցներու` պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ եւ գործիչներ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կազմակերպութեան դիտորդ անդամ հանդիսանալով` մասնակցեցաւ համագումարին: Դաշնակցութեան ներկայացուցիչն էր ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեանը:

2019-ի Եւրոպական ընտրութիւններուն շեմին տեղի ունեցած այս համագումարին բնաբանն էր «Արդար, ազատ, կայուն` առաջադէմ Եւրոպան, որ կը պահանջենք»:

Համագումարը մեծ շուքով ներկայացուց Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի Եւրոպացի ընկերվարականներուն միասնական թեկնածուն` Ֆրանզ Թիմերմանսը: Թիմերմանսը Հոլանտայի ընկերվարական կուսակցութեան առաջատար դէմքերէն է, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ եւ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախկին նախարար:

Այս առիթով համագումարի ընթացքին խօսքերով հանդէս եկան` Մեծն Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Ճերեմի Քորպինը, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզը, Փորթուգալի վարչապետ Անթոնիօ Քոստան, Եւրոպական խորհրդարանի «Ընկերվար եւ Ժողովրդավար» խմբակցութեան նախագահ Ուտօ Պուլմանը եւ ուրիշ եւրոպացի ընկերվարական առաջնորդներ:

Կարեւորագոյն քննարկման նիւթերն էին` Եւրոպայի մէջ ծայրայեղ աջակողմեան շարժումներու աճին դէմ պայքարը, ամբոխավարութեան եւ կեղծ լուրերու տարածման երեւոյթին դիմակայելը, տնտեսական եւ ընկերային արդարութեան հիման վրայ կերտուած ապագայ Եւրոպական Միութեան տեսլականը, Պրեկզիթի բանակցութիւնները, կիներու եւ երիտասարդուհիներու բռնութեան դէմ արդիւնաւէտ պայքարի ձեւերը, ինչպէս նաեւ կլիմայի փոփոխութեան վտանգներն ու բնապահպանութեան մարտահրաւէրները:

Համագումարի տարբեր կլոր սեղաններու ընթացքին դատապարտուեցան թրքական իշխանութիւններու կողմէ ազգային փոքրամասնութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները, եւ պահանջուեցաւ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական բոլոր բանտարկեալներուն ազատ արձակումը:

ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Յ. Շիրինեանը զանազան պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներու հետ իր ունեցած զրոյցներուն ընթացքին առիթը ունեցաւ արծարծելու Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հարցերը, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման պահանջատիրական պայքարը:

Համագումարի աւարտին PES-ի նախագահ վերընտրուեցաւ Պուլկարացի Եւրոպատգամաւոր (եւ երկրի նախկին վարչապետ) Սերգէյ Ստանիշեւը, որ յայտարարեց որ կուսակցութեան նախագահութեան հիմնական առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ 2019-ի եւրոպական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելը: Ընտրարշաւի պաշտօնական մեկնարկը կը տրուի Մատրիտի մէջ, փետրուար 2019-ին:

ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


Անդրադարձ. Վերահրատարակութիւններու Անհրաժեշտութիւնը

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին երկու կարեւոր դէպքեր տեղի ունեցան լիբանանահայ գաղութային-հասարակական կեանքին մէջ. առաջինը երկուշաբթի, 19 նոյեմբեր 2018-ին դաշնակցական տեսաբան Երուանդ Ֆրանգեանի ծննդեան 140-ամեակի եւ մահուան 90-ամեակի առիթով «Ազդակ»-ին հրատարակած գաղափարաբանական յաւելուածն էր, իսկ երկրորդը չորեքշաբթի, 28 նոյեմբեր 2018-ին «Արամ Մանուկեան» մատենաշարի անդրանիկ հրատարակութիւններու` Կարօ Յովհաննէսեանի «Սողոմոն Թեհլիրեան-1896-1960» եւ Վիգէն Աւագեանի «Խրիմեան Հայրիկ. գաղափարի եւ ազատութեան ջահակիրը» գիրքերու շնորհահանդէսն էր:

Զոյգ իրադարձութիւնները հայկական ընկերութեան մէջ կը վերանորոգեն ընթերցանութեան սէրը, կանգուն կը պահեն ընկերային-տնտեսական սկզբունքային ուղեգիծն ու վառ կը պահեն ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարը, եւ յիշեալ վերջին երկու կէտերու ջահերը կը փոխանցեն նոր սերունդին:

Նոր սերունդը դժբախտաբար դարձած է նոր-ազատականութեան, շուկայացման եւ ծայրայեղ անհատապաշտութեան թիւ մէկ թիրախը` մէկդի դնելով ազգային, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ու միջազգային եւ համամարդկային հարցերը եւ դառնալով եսակեդրոն էակներու հաւաքածոյ մը, հեռու` աշխարհի բոլոր ազդեցիկ զարգացումներէն ու իր միտքն ու մարմինը աշխատցնելով միայն ու միայն յագուրդ տալու իր զուտ անհատական վայելքներուն:

Ինչպէս որ հռոմէացի փիլիսոփայ Մարկոս Աւրելիոս կ՛ըսէ` «Կեանքը պէտք է լեցուած ըլլայ գիրքերով, որոնք լեցուն են կեանքով», մարդկային կեանքը միշտ ալ պէտք ունեցած է (ու դարձեալ պէտք ունի եւ պիտի ունենայ ապագային) գիրքերու, որպէսզի մարդիկ լուսաբանուին զիրենք յուզող հարցերուն շուրջ. նմանապէս` գիրքերու կարիքը ունի հայկական կեանքն ալ: Գիրքը, ի վերջոյ, մարդուն կեանք կու տայ, կը դաստիարակէ, աւելի՛ն, իր ուսուցիչը կը դառնայ:

Հայկական կեանքին մէջ գիրքը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է զարթօնքի շրջանին յառաջդիմական գաղափարներու տարածման, յեղափոխական շարժման կազմաւորման, ապա սփիւռքի մէջ հայ ոգին կենդանի պահելու աշխատանքին մէջ:

Այսօր, երբ ազգովին կը գտնուինք ապագաղափարականացման, ապաքաղաքականացման եւ մշակութային ձուլման վտանգին տակ, կարեւորութիւնը կը զգանք վերանորոգման` մեր ազգային գրականութեան եւ միտքին ընդմէջէն:

Երուանդ Ֆրանգեանի մասին յաւելուած մը կամ Սողոմոն Թեհլիրեանի ու Խրիմեան Հայրիկի մասին գրքոյկներ հրատարակելը առիթը կ՛ընձեռէ մեր ազգային կեանքին մէջ բարձրացնելու այլ յօդուածներ ու գրքոյկներ հրատարակելու եւ գիրքերու վերահրատարակումներ կատարելու հարցը: Գիրքեր, որոնք տարիներ առաջ լոյս տեսած են, բայց պահած են իրենց այժմէականութիւնը: Անոնք ժամանակի բերումով մատչելի չեն եղած նոր սերունդին, բայց այսօր ժամանակը հասած է զանոնք մատչելի դարձնելու:

Ժամանակը հասած է, որ հայը (մանաւանդ` երիտասարդութիւնը) ծանօթանայ անցեալի դէպքերուն, ապա որդեգրէ ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ուղեգիծ մը: Ժամանակը հասած է, որ հայ մարդը, իր անհատական վայելքներուն կողքին, նաեւ անդրադառնայ ազգային ու միջազգային կեանքին մէջ տեղի ունեցած քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական զարգացումներուն, եւ ամէնէն կարեւորը` իր անհատական ներդրումը բերէ հայ միտքի զարգացման հոլովոյթին մէջ:

Գարեգին Խաժակի «Ի՞նչ է ազգութիւնը», Յովհաննէս Քաջազնունիի «Ազգ եւ հայրենիք»-ը եւ շատ այլ գիրքեր, որոնք պահած են իրենց այժմէական բովանդակութիւնը, պէտք է փոխանցուին նոր սերունդին եւ արժանանան վերահրատարակութեան: Մանաւանդ որ այսօր եզրերու շփոթ կայ «ազգային», «ազգայնականութիւն» եւ «ազգայնամոլութիւն» հասկացողութիւններուն շուրջ:

Ազգային հաստատութիւնները, միութիւններն ու կազմակերպութիւնները պէտք է բարի նախանձով դիտեն «Ազդակ»-ն ու «Արամ Մանուկեան» մատենաշարը եւ սկսին վերահրատարակել հին գիրքերն ու յօդուածները, որոնք կը պահեն այժմէական ոգին իրենց մէջ: Այս գործերը պէտք է հրամցուին նոր սերունդներուն, որպէսզի հայկականութեան ջահը փոխանցուի սերունդէ սերունդ:

 

 

Նոր Հանգրուան, Վաղուան Հանգրուան, Փորձի Եւ Փորձութեան Հանգրուան

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Դժբախտաբար մեր ազգին մէջ շատերու բարձրանալու գաղտնիքը բնական օրէնքով միայն կը լուծուի. ծանրերը միշտ գետնաքարշ կը մնան ու թեթեւները վեր կ’ելնեն:

ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆ

Հայաստան ժողովրդավարական երկիր է: Պետութիւն է եւ ունի պետական կազմակերպութիւն, անոնք կրնան կաղալ, բայց կը շարունակեն քալել: Այդ պետութեան ընթացքը կ’որոշէ եւ այդ ընթացքին կը հսկէ ժողովուրդը: Այս սկզբունք է: Պետութիւններու ղեկավարութեան մէջ միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան հակասութիւններ: Ժողովրդական կամքով ընտրուած իշխանութիւններու նկատմամբ երբ զարգացած է անվստահութիւն եւ անբաւարարութեան գիտակցութիւն, հարկ եղած է կրկին դիմել ընտրութեան, կամ յեղափոխութեան,  որ պատին առջեւ կանգնած մարդոց ընտրութիւնն է:

Ճիշդ դատումի եւ արդարութեան համար, յաղթականի եւ պարտուածի զգացականութենէն անդին, անպատեհ պէտք չէ համարուին կարգ մը հարցումներ:

Ժողովուրդը երբ կը քուէարկէ եւ կ’ընտրէ, առարկայակա՞ն է իր մօտեցման մէջ, ունի՞ եւ կրնա՞յ ունենալ իր որոշման համար դատումի անհրաժեշտ տուեալները, որպէսզի ջոկէ լաւը վատէն:

Ժողովուրդը, երբ կը քուէարկէ եւ կ’ընտրէ, կ’առաջնորդուի հաւաքակա՞ն մտահոգութիւններով, թէ՞ անհատական ակնկալութիւններով:

Ինչպէ՞ս բացատրել ժողովուրդին փոփոխական վերաբերումները:

Զանգուածը կրնա՞յ պետական տրամաբանութեամբ առաջնորդուիլ, թէ՞ միշտ պէտք ունի առաջնորդի մը, որուն կ’ուզէ հաւատալ, որ զինք կը գործածէ որպէս միջոց:

Ժողովրդավարական ընտրութեան մը իրաւութեան համար ունի՞նք Ժան-Փոլ Սարթրի սահմանումով մարդը: Ան ըսած է` «Մարդ չենք, այնքան ատեն որ չենք գտած բան մը, որուն համար պիտի ընդունէինք մեռնիլ (Ժան-Փոլ Սարթր, L’âge de la raison):

Ժողովրդավարական համակարգի մասին երբ կը մտածենք, նկատի պէտք է ունենանք ընտրողին տրամաբանութիւնը, որ հասարակաց կարծիք կամ հասարակաց շահ կը յառաջացնէ, բայց ան ունի այնքան տարբերակումներ, զորս կը կարծենք յաղթահարել թուաբանական պարզ հաշիւով, կէսէն մէկ աւելիով կամ կէսէն մէկ պակասով:

Այս պատճառներով ալ տեղի կ’ունենան անհասկացողութիւններ, փոփոխութեան առաջարկներ, մերժումներ: Եւ երէկի ընտրող մեծամասնութիւնը դիմաշրջում կ’ունենայ, քանի որ տուեալ պահու մը հասարակաց կարծիքը ակնթարթային կայունութիւն ունի եւ կրնայ խախտիլ, քանի որ ան կը ստեղծուի հանրային կարծիք ստեղծելու եւ ստեղծող այլազան միջոցներու գործածութեամբ:

Անխտի՛ր, բոլոր իրաւ ժողովրդավարութիւններու մէջ շատ արագ կը ծաւալին անհանգստութիւնները, կը վերածուին շարժման եւ փոփոխութեան պահանջի, քանի որ հաղորդակցական միջոցները, ընդհանուր եւ արգելքները շրջանցող, լայն տարածում ունին: Ժողովրդավարութիւնը կը մեռնի, եթէ դադրի փոփոխութեան եւ բարելաւման մնայուն լարումը, որ կրնայ իր եզրայանգման մէջ չառաջնորդել յուսալի համարուող բարելաւման:

Ընտրութիւններու նախօրեակին կամ ընտրապայքարի ընթացքին, անոնք ըլլան խորհրդարանական թէ նախագահական, կամ` այլ, հաղորդակցական միջոցներու տարածած գաղափարները եւ անոնց թելադրած համոզումները, երբ լռեն բարձրախօսները, ստեղծուած նոր իրականութիւնները կրնան պաղ ջուր թափել ջերմ զգացումներու եւ վառ երազներու վրայ: Ա՛յս ալ ժողովրդավարական կարգ է, քանի որ ստացուած արդիւնքը, որ կը բնորոշուի որպէս հասարակաց կամք` ենթակայական ազդակներու գումարում է, հետեւաբար` անկայուն, կը դատուի անմիջականօրէն տեսանելի արդիւնքներով եւ պատկերներով: Ժողովրդավարական համակարգի մէջ զանգուածին շատ փոքրիկ տոկոսը ամուր, գիտակցուած եւ յանձնառու վերաբերում ունի ընտրանքներու հանդէպ, երբ կը քուէարկէ: Եթէ ամէն ամիս հանրաքուէ կազմակերպուէր, քաղաքական գործիչը եւ ընտրողը, ի տես արդիւնքներու, պիտի զարմանային: Նոյնիսկ անոնք, որոնք կ’առաջնորդուին գաղափարաբանութեամբ մը, քարացած կարծիքներ չունին եւ կը կրեն օրուան իրադարձութեանց ազդեցութիւնը: Քիչեր կը հետեւին իրենք իրենց համար հետեւելու քաղաքական ամբողջական տեղեկութեան եւ անոնց վերլուծման միշտ փոփոխական ճանապարհին, եթէ ընդհանուր կանոն են արագ եզրակացութիւնները, որոնք դրոշմուած կ’ըլլան անխուսափելի, կարճ ու կտրուկ ենթակայական ազդակներով: Օրինակ, երբ նախագահական թեկնածու մը կը ներկայացնէ հարիւր կէտերէ բաղկացած ծրագիր մը, ընտրազանգուածի ո՞ր տոկոսը զայն կը վերլուծէ, կը դատէ եւ ըստ այնմ կը կողմնորոշուի: Ոչ ոք թող զարմանայ, որ փողկապի մը գոյնը, բաց օձիքով շապիկ մը, կամ երկու ճառի միջեւ բեմին վրայ գալարուող երգիչ մը նոյնքան կարեւոր են, որքան` յիշուած հարիւր կէտերէ բաղկացած ծրագիրը: Գերագնահատման կամ ստորագնահատման հարց չէ, այլ պարզ իրականութիւն է` ինչ որ կ’ըսեմ: Կը պատահի՞, որ ընտրողը հարց տայ, թէ քաղաքական երկու ճառի միջեւ երգի եւ գալարումներու հանդէսը ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ եւ ինչո՞ւ կը ծափահարուի: Յաճախ նաեւ դիրքորոշման առաջնորդող ընտրանքը անձնական շահն է եւ ոչ հաւաքական, ազգային կամ ընկերային առաջադրանքը, այս` հակառակ ճառային ճապկումներու:

Ընտրութիւններու պարագային, կարեւոր դեր կը խաղայ ընտրողի ընկերատնտեսական վիճակը: Նիւթապէս ապահով եւ տուեալ կացութենէն օգտուող քաղաքացին ցանկացող չ’ըլլար փոփոխութեան, կը քուէարկէ ի նպաստ օրուան իշխանութեան: Եթէ քաղաքացին կը գտնուի անցանկալի վիճակի մէջ, աւելի լաւ ապագայի մը յոյսով կը քուէարկէ ի նպաստ փոփոխութեան` խոստումները շփոթելով իրականութեան հետ: Այսինքն ընտրազանգուած մը կայ ամէն տեղ, որ կը քուէարկէ` տարուբերելով օրուան հովերուն հետ: Քաղաքական քարոզչութիւնը կը կեդրոնանայ այս զանգուածին վրայ` կատարելով մարդորսական աշխատանք: Փոփոխութեան քարոզչութիւնը կը շահագործէ բարելաւման յոյսը, ան յաճախ պարզ ամբոխավարութիւն է:

Ժողովրդավարական դրութեան մէջ այս տատանող «յոյսի ընտրազանգուած»-ն է, որ կ’որոշէ իշխանափոխութիւնը, որ անպայման չի նշանակեր կայունութիւն, քանի որ ան միշտ տատանող է: Խօսքը կը վերաբերի, ի հարկէ, այն երկիրներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք ո՛չ մենիշխանական են, ո՛չ աւատապետական, ո՛չ ալ կրօնապետական, որոնց պարագային մեծաւորի կամքը կը կատարուի, եւ կը հանդիպինք նոյն անձերու, նոյն ընտանիքներու եւ նոյն անուններու յաջորդութեան, նոյնիսկ` մէկ կամ միւս մրցակիցներու ցանկին վրայ:

Յառաջադէմ համարուած երկիրներու մէջ գիտական ձեւով կազմակերպուած հարցախոյզեր, տուեալ պահու մը, ցոյց կու տան հանրային կարծիքի պատկերը, թէեւ ան միշտ փոփոխութեան կրնայ ենթարկուիլ, այսինքն հարցախոյզի նախատեսութիւնները կրնան չարդարանալ: Հարցախոյզերը զանգուածներու կարծիքին վրայ կ’ազդեն, հետեւաբար անոնք երկսայրի սուր են: Հարցախոյզի պատասխանող քաղաքացին ինքզինք իրաւասու եւ բաւարար չափով իրազեկ համարելով` կը պատասխանէ հարցումներու, որոնց մասին ո՛չ մտածած կ’ըլլայ եւ ո՛չ ալ տեղեկութիւն կ’ունենայ: Հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ ընտրութեան մը կամ քուէարկութեան մը արդիւնքը կ’ըլլայ յուսախաբութիւն, զղջում: Այսինքն ժողովրդավարութիւնը կը մեղանչէ ամբոխավարութեամբ: Յատկանշական օրինակ է Անգլիոյ Brexit-ի հանրաքուէն, որ ամբոխավարութեան եւ ամբոխային տրամադրութիւններու արտայայտութեամբ մեծամասնութիւն գոյացուց:

Հարցախոյզերը կրնան մտածելու մղել, բայց անոնք տուեալ պահու հանրային կարծիքի պատկեր են միայն, քանի որ ընտրազանգուածը բաղկացած է նաեւ մարդոցմէ, որոնք յստակ եւ հաստատ համոզումներ չունին, կը կողմնորոշուին վերջին պահուն, կը հպատակին այս կամ այն իրադարձութեան, խոստումի, կամ պարզապէս` տպաւորող խօսքի մը եւ կ’որոշեն ընտրութեան մը արդիւնքը: Այլ խօսքով, ընտրութեան մը վերջնական արդիւնքը կախում ունի անոնցմէ,  որոնք հաստատ, յստակ եւ գիտակցուած ընտրանք չունին:

Նոյնիսկ ժողովրդավարական ընտրութեան արժեւորումը արդար կերպով պէտք է տեսնել եւ չմոռնալ իսկական մեծամասնութիւն կազմող չքուէարկող ընտրազանգուածը, ճիշդ այս պատճառով ալ քուէարկութեան մը արդիւնքով ընտրուած մեծամասնութիւնը հասարակաց ընդհանուր կարծիքին համեմատած փոքրամասնութիւն է, ինչ որ համեստութեան կոչ պէտք է ըլլայ «յաղթող»-ին, քանի որ խօսելով թիւերու լեզուն` «յաղթական մեծամասնութիւն»-ը «փոքրամասնական մեծամասնութիւն» է:

Հակառակ ըսուած եւ լսուած դրական դատումներու` Հայաստանի մէջ խաղաղ պայմաններու մէջ տեղի ունեցած քուէարկութիւնը առիթ պէտք է ըլլայ յառաջացնելու չափի գիտակցութեան եւ համագործակցութեան մթնոլորտ, այսօրուան «յաղթանակ»-ը դիտելու որպէս ժամանակաւոր, հանրային կարծիքի տուեալ պահու մը պատկեր, եւ ըստ այնմ դիմագրաւելու երկրի կացութիւնը` հարցերու լուծման նախաձեռնութիւնները:

Ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր եւ վաղը, մեծամասնութեան եւ փոքրամասնութեան, անհատական եւ խմբակային ցանկութիւնները իրականութիւն պէտք չէ համարել: Այս կ’ըլլայ կառավարման քաղաքականութեան իսկական առաքինութիւնը: Մանաւանդ երբ անոնք ֆէյսպուքեան եւ թուիթըրային մտածման բովէն չանցած բռնկող-մարող աղմուկ եւ բռնկումներ են:

Մտածել տեւաբար Յակոբ Պարոնեանի հետ, որուն պարզ իմաստութիւնը ի զօրու է ո՛չ միայն մեր ժողովուրդին համար: Ան տիեզերական տարողութիւն ունի բոլոր անոնց համար, որոնք անմիջականի գերին չեն, չեն ուզեր ըլլալ: Եւ կրկնել.

«Դժբախտաբար մեր ազգին մէջ շատերու բարձրանալու գաղտնիքը բնական օրէնքով միայն կը լուծուի. ծանրերը միշտ գետնաքարշ կը մնան ու թեթեւները վեր կ’ելնեն»:

13 դեկտեմբեր 2018, Նուազի-լը-Կրան

 

Փաշինեանը Կարող Է Միապետ Հռչակուել Հէնց Այսօր

$
0
0

ԷԴԻԿ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ

Նախընտրական համընդհանուր էյֆորիայի մէջ, հաւանաբար, քչերն ականջալուր եղան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցչի այն պնդումներին, որ Նիկոլ Փաշինեանը ոչ միայն ձգտում է մէկ ուժի լիակատար իշխանութիւն ձեւաւորել, այլեւ` ընտրել սեփական ընդդիմութիւնը: Կեանքը ցոյց տուեց, որ Փաշինեանը, օգտագործելով նախկին իշխանութիւններին հեռացնելու փաստը` ճիշդ նախկինների հանգոյն ունեցաւ մի խորհրդարան, որը, «դակիչ» մարմին լինելուց զատ, այլ գործառոյթ չի իրականացնելու:

Եթէ յիշում էք, սահմանադրական փոփոխութիւնների ժամանակ ՀՅԴ-ն կարեւորում էր խորհրդարանում կայուն մեծամասնութիւն ձեւաւորելու հարցը: Կայուն քոալիսիոն մեծամասնութիւնը, բնականաբար, տարբերւում է մէկ ուժի լիակատար մեծամասնութիւնից: Դրանք միանգամայն տարբեր բաներ են: Եթէ քոալիսիոն հիմունքներով ձեւաւորուած կայուն մեծամասնութիւնը տքնաջան քննարկումների եւ բիւրեղեայ որոշումներ կայացնելու հարթակ է, ապա մէկ ուժի լիակատար մեծամասնութիւնը, մենք դրանում բազմիցս ենք համոզուել, խայտառակութիւն է` բոլոր առումներով: Իմքայլական խորհրդարանն ի՞նչ պէտք է քննարկի կամ ինչպէ՞ս պէտք է վերահսկի իմքայլական վարչապետի եւ կառավարութեան գործունէութիւնը: Փաստօրէն, խորհրդարանի եւ կառավարութեան միջեւ տարբերութիւն գոյութիւն չունի, որեւէ հարց, որ կարող է քննարկում առաջացնել, չկայ, Փաշինեանը մատը որ կողմ ծռի, խորհրդարանն այդ կողմ էլ շարժուելու է: Այլ կերպ չի էլ կարող լինել, այս խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը չեն կարող միմեանց հակառակուել, վիճել իրար հետ: Ասել է, թէ Փաշինեանը կարող է հանգիստ միապետ հռչակուել, եւ ոչ ոք չի կարող հակառակուել նրան:

Նոր խորհրդարանում, ամենայն հաւանականութեամբ, քոալիսիոն չի լինի: Փաշինեանը չունի դրա կարիքը եւ յայտարարել է, որ միայնակ է կառավարութիւն ձեւաւորելու: Սա նշանակում է, որ մենք խորհրդարանում տէ ֆաքթօ երկու ընդդիմադիր ուժ ենք ունենալու` ի դէմս «Բարգաւաճ» եւ «Լուսաւոր» Հայաստանների, որոնց միջեւ արդէն իսկ «լուրջ» տարաձայնութիւններ կան այն հարցի հետ կապուած, թէ իրենցից ո՛րն է իսկական ընդդիմութիւնը: Մենք կարող ենք երկուսին էլ հանգստացնել` ասելով, որ երկուսն էլ «սարքովի» ընդդիմութիւն են, եւ որ` Փաշինեանի խորհրդարանն իրական ընդդիմութիւն չունի: Նման խորհրդարանի պարագայում շատ աւելի արդիական է ոչ թէ ընդդիմադիր գտնելու անիմաստ զբաղմունքը, այլ օրէնսդիր մարմինի գործունէութեան խնդիրն` ընդհանրապէս, որովհետեւ, որքան հասկանում ենք, թէ՛ Էդմոն Մարուքեանը եւ թէ՛ Գագիկ Ծառուկեանը խորհրդարան են անցել ոչ այնքան ընդդիմադիր լինելու, որքան Փաշինեանին «դայեակութիւն» անելու կարգախօսներով: Ո՞ւմ համար պարզ չէ, որ կառավարութեան հետ հարցուպատասխաններն այլեւս վերածուելու են, շատ ներողութիւն, աւելորդ «գեալաճիի», որի արդիւնքում որեւէ նոր բան չի ծնուելու:

Շատ յուզիչ էր, ի հարկէ, Էդմոն Մարուքեանի այն յայտարարութիւնը, թէ իրենք բաց են «դրսի» ընդդիմութեան հետ համագործակցութեան համար: Ինչպիսի ժեսթ` արտախորհրդարանական ընդդիմութեանը, որն այսօր խորհրդարանում չէ, զուտ այն պատճառով, որ «չի լպստուել» Փաշինեանին եւ տուրք չի տուել յեղափոխական անցողիկ էյֆորիային: Եւ ճիշդ պահն է այսօր «քլասիք ընդդիմադիր» Էդմոն Մարուքեանին յիշեցնելու, որ նախկին ընդդիմադիր, «Ելք» խմբակցութիւնն անգամ այդքան «բաց» չէր դրսի ընդդիմադիրների առջեւ: Այլապէս «Ելք»-ից ծնուած եւ խորհրդարան անցած «Իմ քայլը» դաշինքի ու «Լուսաւոր Հայաստան»-ի շարքերում մենք այսօր նախկին շատ ընդդիմադիրների կը տեսնէինք, որոնք պակաս «կատաղի» չէին, քան` իշխանութեան եկած փաշինեանականներն ու մարուքեանականները:

Չէի ցանկանայ կանխատեսումներ անել այս խորհրդարանի կեանքի տեւողութեան մասին: Թողնենք` աշխատեն, ինչպէս ասում են: Թէ ինչքա՛ն կը ձգեն այս կազմով, ցոյց կը տան առաջիկայ ամիսները, որոնք հարուստ կը լինեն քաղաքական եւ մանաւանդ արտաքին քաղաքական անցուդարձով: Յուսանք, որ գերկայուն խորհրդարանական մեծամասնութիւն ունեցող կառավարութիւնը կը կարողանայ իրեն դրսեւորել բացառապէս լաւագոյն կողմերով, որովհետեւ որեւէ երաշխիք չկայ, որ նոր խորհրդարանը ճիշդ պահին «ասֆալթին կը փռի եւ պատերով կը տայ» անսխալական հռչակուած Փաշինեանին: Ի դէպ, յիշեցնենք վերջինիս, որ նա այլեւս չի կարող հակախորհրդարանական տեմարշներ անել, որովհետեւ այս խորհրդարանում իր մարդիկ են բացարձակ մեծամասնութիւն ունեցողները:

«Երկիր»

Սակայն. Պիտի Շարունակենք Խաղաղ Հոլովոյթը, Սակայն…

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ռուսիան կը թուի Արեւմուտքի հետ լարուածութեան աճին լոյսին տակ որոշած ըլլալ վերջինս մղել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթէն դուրս կամ առնուազն լուսանցքը, եւ այդ հարցով միջնորդութիւնը դարձնել իր մենաշնորհը. վտանգաւոր զարգացում մը, որ ո՛չ միայն կ՛ականահարէ եւ մեծ մասամբ կ՛իմաստազրկէ հայկական կողմի մինչեւ օրս կիրարկած փոխլրացման քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ կը վտանգէ հայանպաստ ներկայ սթաթիւս քոն, հայկական կողմի անվտանգութիւնն ու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 13 դեկտեմբերին Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիա կը փափաքի շարունակել նպաստել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ուղիղ, իմա՛` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան միջնորդութենէն դուրս երկխօսութեան: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը լրագրողներուն յայտնեց, թէ ազրպէյճանական կողմը անկեղծօրէն տրամադրուած է ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման վերսկսման ու շարունակութեան, եւ յոյս յայտնեց, որ Երեւանը ընտրութիւններէն եւ կառավարութեան ձեւաւորման փուլէն ետք կը շարունակէ աշխուժ խորհրդակցութիւնները տագնապի լուծման ուղղութեամբ:

Ան ըսել կ՛ուզէ, թէ հայկական կողմը ազրպէյճանականին նման «անկեղծօրէն տրամադրուած» պիտի չըլլայ, եթէ չընդունի Մինսքի խմբակէն դուրս ռուսական միջնորդութիւնը եւ այդ ձեւաչափով «չշարունակէ աշխուժ խորհրդակցութիւնները», որոնք գործնականապէս սկիզբ առին Ասթանայի մէջ վերելակային դիւանագիտութեամբ: Այս առումով` ազրպէյճանական կողմին տրամադրուած ռուսական բարենիշին նպատակը ճնշում բանեցնելն է հայկական կողմին վրայ:

Նախ եւ առաջ հարկ է նշել, թէ Պաքուի այդ «անկեղծութիւնը» յստակ ու պարզ կերպով երեւան եկաւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին ճամբով: Երկրորդ` Ազրպէյճան սկիզբէն ի վեր դէմ եղած եւ ակամայ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը, ուստի բնական է, որ «անկեղծօրէն տրամադրուած» ըլլայ այդ ձեւաչափի վիժեցման նկատմամբ, սակայն հայկական կողմի շահերէն չի բխիր տագնապի լուծման հոլովոյթը այլուր փոխադրելը կամ Ռուսիոյ մենաշնորհը դարձնելը: Այո՛, ճիշդ է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան մէջ Ռուսիան իր ազդեցութեամբ հաւասարներու մէջ առաջինն է, սակայն Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի գործօն մասնակցութիւնը հակակշիռ մըն է, իսկ եռանախագահութեան տարազը հայկական կողմին կարողութիւն կու տայ, ըստ պահի հրամայականի, խուսանաւելու:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց` «մենք պիտի շարունակենք խաղաղ հոլովոյթը», սակայն յստակ կերպով չնշեց, թէ ո՛ր ձեւաչափով, այլ բաւարարուեցաւ յայտնելով, թէ «լուծումը կը պահանջէ բոլոր կողմերուն ջանքերը»: Լաւրովի արտայայտած «յոյս»-ը մարելու, ստեղծուած վտանգը չէզոքացնելու համար պէտք է յստակօրէն ընդգծել, թէ հայկական կողմը պիտի շարունակէ խաղաղ հոլովոյթը, սակայն միջազգայնօրէն ընդունուած միակ ձեւաչափի` Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ:

Ալիեւ Լաւրովի հետ իր հանդիպման օրը յայտնեց. «Կը կարծեմ, որ այսօր առաւել բարենպաստ իրավիճակ ի յայտ եկած է հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման համար: Կան բազմաթիւ գործօններ, որոնք հիմք կը հանդիսանան այդպիսի յայտարարութեան համար»: Կը թուի, թէ անոր յոյս ներշնչող ու ոգեւորող այդ գործօններէն մէկը Մոսկուայի դիրքորոշումն է:

 

 

Խմբագրական. Աշխատանքներ, Դժուարութիւններ, Բացթողումներ (Ա.) Տպագիրի Իրավիճակ

$
0
0

Արդէն աւանդութիւն դարձած է տարեփակի առիթով խմբագրականներու շարք յատկացնել Ամանորի նախօրեակին` անցնող ուղիին մասին ընդհանուր գնահատականները խմբագրականի տեսքով հրապարակայնացնելով:

Մամուլի ներկայացուցիչի համար գործունէութեան հանրագումարի ներկայացումին առընթեր հաշուետուութեան յատուկ եղանակ մըն է ասիկա` նախ եւ առաջ ուղղուած ընթերցող փաղանգին: Այս օրերուն փաղանգ բնութագիրը ընթերցող խաւին կցելը հետզհետէ աւելի կ՛իմաստաւորուի` նկատի ունենալով ներկայ պայմաններուն մէջ գիտակից եւ յանձնառու ընթերցող խաւին առկայութիւնը:

Այս նշումը ինքնին արդէն կը նախաբանէ առաջնային կարգով խօսիլ տպագիր մամուլի հետզհետէ ահագնացող ճգնաժամին մասին: Թուաբանական համրանքը` լիբանանեան փակուած-փակուող եւ փակուելու ահազանգներ հնչեցնող ամէնէն նշանաւոր թերթերու, պատկերացում կը փոխանցէ դասական լրատուադաշտին մէջ արձանագրուող մետիաշարժի ուժգնութեան եւ անոր յետցնցումնային իրավիճակներու անյաղթահարելիութեան մասին:

Այս հաստատումները չեն կատարուիր անշուշտ արդարացնելու համար տպագիրի մղած մեր գոյապայքարին ձեռք բերած ոչ ակնկալուած արդիւնքները: Մեր աշխատանքները անբաւարար են տպաքանակի հազիւ կայունութիւն պահպանող իրավիճակը փապուղիէն դուրս բերելու` յատկապէս բաժանորդարշաւի յարձակողապաշտ  ծրագիրներ իրականացնելու ուղղութեամբ:

Միաժամանակ սակայն, կը գիտակցինք, որ թերթի բաժանորդներու ցանցը պէտք չէ հիմնուի քաջալերական խորապատկերի վրայ: Քաջալերուող, բայց չկարդացուող թերթերու տպաքանակի արուեստական աճը միայն ժամանակաւոր բնոյթ կրնայ ունենալ եւ բռնազբօսիկութիւնը որեւէ կերպ սատարած չ՛ըլլար թերթի տարածման:

Որքան ալ ընդունելի ըլլայ, որ տպագիրը հաւաստիութեան ընկալման առումով յստակ գերակայութիւն ունի ելեկտրոնայինին վրայ, այսուհանդերձ ներկայ համակարգը հարթիչ գլանի նման կ՛անցնի թուղթին վրայէն` գերզբաղեցնելու համար ելեկտրոնային դաշտը: Որքան ալ հաստատուի, որ կայ միջին սերունդ, որ կը նախընտրէ թուղթը շօշափելով կարդալ մամուլը, այսուհանդերձ նկատելի է, որ այդ խաւն է, որ կը նօսրանայ, մինչ կը բազմապատկուի ընկերային ցանցերու միջոցով հրամցուող նիւթին ծանօթացողներուն թիւը: Բառերը այստեղ միտումները բնութագրող իմաստ ունին. ընթերցողին տեղ` նիւթին ծանօթացողը:

Եթէ մէկ կողմէ կը հաստատենք, որ ձեռնածալ չենք մնացած տպագիրի գոյութենական պայքարին մէջ դիրքեր գրաւելու առումով, միւս կողմէ նաեւ կ՛ընդունինք, որ ճգնաժամին դիմաց չենք յաջողած մշակել հակաճգնաժամային ծրագիր մը, որ կարենար լուսաւորել այս ուղղութեամբ ուրուագծուող հեռանկարը:

Այս նիւթին յատկացուած քննարկումներուն, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքեան մամուլի գործիչներու միջավայրին մէջ, ինչպէս այլ թերթերու պատասխանատուներ, «Ազդակ» եւս չէ կրցած գտնել լուծման բանալիները կամ ցոյց տալ այն ուղիները, որոնք կ՛ապահովեն տպագիր մամուլի շարունակութեան նպատակին ծառայելու հանգամանքները: Բաւարարուած ենք ընդհանրապէս հիմնաւորելով, տպագիր մամուլը պէտք չէ փակուի, ընդհանուր բանաձեւով:

Այս առիթով կը վերընդգծենք նոյն բանաձեւը, միաժամանակ նախանշելով այն անհրաժեշտութիւնը, որ «Ազդակ» նախաձեռնողականութիւն դրսեւորէ կազմակերպելու տպագիր մամուլի ապրած դժուարութիւններու յաղթահարման միջոցներու մասին մասնագիտական քննարկում-աշխատանոց մը:

Viewing all 12108 articles
Browse latest View live