Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Կանաչ Տոլար

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Անցեալները ժապաւէն մը կը դիտէի` «Տը քալըր աֆ մանի» (Դրամին գոյնը):

Ամերիկայի մէջ կանաչ գոյնը իւրայատուկ կը թուի ըլլալ: Գաղթականական  օրինաւոր կեցութեան թուղթը, հակառակ կանաչ չըլլալուն, «Կրին քարտ» կը կոչուի, իսկ ամերիկեան դրամանիշը` տոլարը, որ կանաչ գոյնի է, ճանչցուած է որպէս «Կանաչ տոլար»:

Ինծի համար յստակ չէ, թէ ինչո՛ւ մարդիկ չեն գոհանար միայն «տոլար» ըսելով եւ կ՛անդրադառնան կանաչ ածականով:

«Կանաչ տոլար»-ի մասին շատ խօսուած է: Շատեր այն կարծիքը ունին, որ Ամերիկայի մէջ ծառերէն կը հաւաքեն, նոյնիսկ եթէ տակաւին «խակ» է (փաստ` իր կանաչ գոյնը), կամ գետինները թափած կ՛ըլլան, ուրկէ կարելի է ժողվել:

Լիբանանի մէջ պատահած է, որ քանի մը լիբանանեան ոսկի գտած ըլլամ, սակայն Ամերիկայի մէջ` երբե՛ք: Քանի մը անգամ հանդիպած եմ ամերիկեան մէկ սենթի, եւ ոչ իսկ մտածած եմ` ծռելով վերցնելու մասին, սակայն ամերիկացին, վստահաբար, որպէս ինքնախաբէութիւն, «Lucky Penny» կ՛անուանէ եւ ո՛չ միայն կը հաւաքէ, նաեւ կը պահէ իր տան մէջ:

Ինչո՞ւ այս նախաբանը: Շատեր, որոնց մէջ` դժբախտաբար նաեւ կարգ մը հայեր, գերին դարձած են «Կանաչ տոլար»-ին եւ տեսակաւոր միջոցներու կը դիմեն` բազմապատկելու այդ կանաչ թուղթի կտորները:

Իսկական պատահած օրինակով մը բացատրեմ միտքս: Կը վստահեցնեմ, որ Հոլիվուտի մէջ պատրաստուած ժապաւէն մը չէ պատմելիքս:

***

Ուրբաթ օր մըն էր, գործէ արձակուելու ժամս, յետմիջօրէի ժամը 3:30:

– Չես կրնար երեւակայել, թէ օրը ուրբաթ ըլլալուն` որքա՜ն ուրախ եմ: Պիտի երթամ տուն եւ պիտի վայելեմ շաբաթավերջը: Տղաս եւ հարսս երթալիք տեղ ունին, եւ երկու տարեկան թոռնիկս այս շաբաթավերջին մեր տունը պիտի մնայ: Երկու շաբաթ է` չեմ տեսած եւ որքա՜ն կարօտցած եմ:

Հայ գործընկերներէս մէկն էր խօսողը:

Յաճախ իր տղուն աչքաբացութեան մասին կը խօսէր: Ծնողական արդար հպարտութեամբ կը գովաբանէր իր զաւակը, որ քանի մը տարի աշխատելով` Լոս Անճելըսի թանկարժէք թաղամասերէն մէկու մէջ գեղեցիկ տուն մը գնած էր:

– Ես այսքան տարի է կ՛աշխատիմ եւ 2 սենեակնոց վարձու յարկաբաժնի մը մէջ կը բնակիմ: Տղաս վաճառական է: Ի՞նչ կ՛առնէ ու կը ծախէ` չեմ հետաքրքրուած: Մեզի նման արհեստաւորները տեղ չեն հասնիր: Մարդ վաճառական ըլլալու է, այդ ալ իմ գործս չէ,- կը կրկնէր յաճախ:

Մեկնեցանք մեր տուները: Երկուշաբթի առաւօտ գործի չեկաւ ուրախ տրամադրութեամբ տուն մեկնած գործընկերս: Ստիպողական բացակայութեան պարագային, պայման է գործատիրոջ կամ վերակացուին հեռաձայնելով տեղեկացնել պատճառին մասին:

Չէր հեռաձայնած:

Յաջորդ օրը  դարձեալ չերեւցաւ: Կրկին չէր հեռաձայնած: Պատասխանատու-վերակացուն մտահոգուած` ի՛նք հեռաձայնած էր: Ո՛չ ոք պատասխանած էր:

Քանի մը օր ետք իմացանք գործի չգալուն պատճառը:

Այդ օր գործէն ուղղակի գացած էր տղուն բնակարանը` վերցնելու իր թոռնիկը, սակայն զարմանքով նկատած էր, որ ամբողջ թաղամասը ոստիկանական ինքնաշարժներով պաշարուած էր, եւ չէր կրցած մուտք գործել նոյնիսկ զաւկին բնակած փողոցը:

Անմիջապէս գէշ նախազգացում մը ունեցած էր:

***

Տղուն ընկերներէն քանի մը հոգի վստահեցուցած էին, որ քանի մը տարիէն կարելի է հարստանալ, եթէ իրենց հետ աշխատի: Կարիքը պիտի չունենար երկար տարիներ համալսարանական ուսում ստանալու, եւ ո՞վ կրնար վստահեցնել, որ տասնեակ հազարաւոր համալսարանական ծախսերէն ետք իր վկայականին համազօր գործ մը պիտի կարենար ճարել:

Գործ մը գտնելու պարագային, ամէն առաւօտ կանուխ պիտի արթննար` ճիշդ ժամուն գործատեղի հասնելու: Կախեալ պիտի ըլլար վերակացուին քմահաճոյքէն: Քանի մը տարին անգամ մը հաւանաբար ստանար փոքրիկ յաւելում մը, որուն մէկ մասը պիտի երթար «Անքըլ Սեմ»-ին (տուրքերու):

Իր ընելիքը շատ «պարզ» եւ «դիւրին» գործ մը պիտի ըլլար: Օրական քանի մը փոքրիկ ծրարներ պիտի փոխադրէր տարբեր վայրեր:

Ուրախութեամբ ընդունած էր առաջարկը: Քանի մը տարի ետք նոյնիսկ պաշտօնի բարձրացում ստացած էր: Իրեն կ՛ուղարկէին Հարաւային Ամերիկայի կարգ մը երկիրներ, կամ` Քալիֆորնիոյ դրացի Մեքսիքա, փոխադրելով քանի մը ծրար: Այս մէկը, աւելի վտանգաւոր ըլլալով հանդերձ, շատ աւելի շահաբեր էր:

Ո՛չ ոք տեղեակ էր, թէ ի՛նչ էր իր իսկական գործը: Նոյնիսկ իր մանկամարդ կնոջը  տեղեակ չէր պահեր, թէ ո՛ւր կը ճամբորդէր, երբ յաճախ քանի մը օրով կամ շաբաթով մը կը բացակայէր տունէն: Այդքան ալ կարեւոր չէր: Կինը ուրախ էր, որ «յաջող» ամուսնութիւն մը կնքած էր: Դրամը առատ էր եւ անհաշիւ կը ծախսէր, մինչեւ իսկ իր ծնողներուն նիւթապէս օգտակար կը հանդիսանար:

Հայր դառնալէ ետք ներքին ձայն մը իրեն կը յիշեցնէր, որ սխալ ճամբու մէջ է: Քանի մը անգամ հասկցուցած էր գործընկերներուն, թէ մտադիր է աշխատանքէ դադրիլ` իր առողջական վիճակը պատճառաբանելով: Բնականաբար չէին հաւատացած եւ զգուշացուցած էին, որ հրաժարիլը կրնար գէշ հետեւանքներ ունենալ, սակայն այդ օր որոշելն ու գործադրելը մէկ եղաւ, եւ միեւնոյն օրն իսկ իր տան մուտքին «անծանօթներ» կրակ բացին ու տեղն ու տեղը սպաննեցին դարձի եկած երիտասարդը:

26 տարեկան էր:

Մահէն ետք գիտցուեցաւ, որ թմրեցուցիչի վաճառական էր: Բազմաթիւ երիտասարդներու պատճառ դարձած էր, որպէսզի այդ «ճերմակ փոշիին» գերին դառնան: Մնան անտուն: Յաճախ` մահանան:

***

Որպէս գործընկեր բարեկամ` ներկայ էի յուղարկաւորութեան: Երբ մօտենալով ցաւակցութիւններս յայտնեցի` «Աստուած ոեւէ մէկուն զաւկի ցաւ ցոյց չտայ» ըսելով, ցած ձայնով ըսաւ: Տակաւին հայր չէի դարձած, սակայն կը զգայի, որ ամենադժուար բանն է զաւկի մը կորուստը: Լիբանան գտնուած շրջանիս տեղացի կիներ իրենց զաւակը սիրելու ժամանակ «թը՛ըպրինի» կ՛ըսէին, որուն իմաստը շատ աւելի ուշ հասկցայ` «զիս թաղես»: Ծնողի մը համար զաւկի մը կորուստը  ամենադժուարն է:

Թոռնիկը վստահաբար խելահաս երիտասարդ է ներկայիս: Թերեւս ինք ալ իր կարգին հայր դարձած է: Արդեօք տեղեա՞կ է, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ մահացած էր իր հայրը: Ինչ կը վերաբերի գործընկեր-բարեկամիս այդ օրուան մեկնելէն ետք բնաւ չերեւցաւ գործատեղի: Որոշ շրջան մը կապս պահեցի իրեն հետ: Հիմնականօրէն ես էի հեռաձայնողը: Բնականաբար միշտ անտրամադիր էր: Կը զգայի, որ մխիթարանքի կարիքը ունէր, սակայն ինչպէ՞ս կարելի էր զաւակ կորսնցուցած անձ մը մխիթարել:

– Թոռնիկդ կը թեթեւցնէ ցաւդ,- ըսի օր մը:

– Թոռնիկի երես տեսած ունի՞մ, որ ցաւս թեթեւցնէ: Հարսս փոխադրուած է ծնողքին տունը, եւ մեր ընտանիքէն ոչ մէկուն հետ կ՛ուզէ տեսնուիլ:

Աւելորդ հարցումներով չուզեցի յաւելեալ վիշտ պատճառել:

Քանի մը ամիս է` չէի խօսած հետը: Փորձեցի կապուիլ: Տասնեակ մը հեռաձայներուս ո՛չ ոք պատասխանեց, եւ այդպէսով կապս կտրուեցաւ իրեն հետ:

Աւելի քան 3 տասնամեակ անցած է այդ թուականէն: Կ՛աշխատիմ բոլորովին տարբեր միջավայրի մէջ, սակայն, զարմանալիօրէն, ամէն ուրբաթ յետմիջօրէին, երբ իրարու «բարի շաբաթավերջ» մաղթելով` կը մեկնինք մեր տուները, կը յիշեմ դժբախտ բարեկամիս խօսքերը.

«Չես կրնար երեւակայել, օրը ուրբաթ ըլլալուն որքա՜ն ուրախ եմ»:

***

Լոսանճելսաբնակ ժողովրդականութիւն վայելող հայ երգիչ մը տարիներ առաջ «Կանաչ տոլարին» գովքը կը հիւսէր` հետեւեալը երգելով.

«Ա՜խ տոլար, տոլար,
Եկ իմ սիրասուն»:

«Գիշերները երազում
Կանաչ տոլար եմ տեսնում»:

Ամերիկացիք խօսք մը ունին` Easy come… Easy go.
Թարգմանութեան կամ բացատրականի կարիքը չեմ զգար…:

Լոս Անճելըս, 2018

 


Յայտարարութիւն ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի

$
0
0

Մեր ժողովուրդը կը գտնուի կարեւոր փուլի մը առջեւ:

9 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենան ՀՀ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները, որուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը մասնակցի փորձառու եւ պատրաստուած թեկնածուներով` իրականացնելու համար այն ծրագիրները, որոնք վստահաբար պիտի ամրապնդեն մեր պետութիւնը եւ Արցախի գոյամարտի ձեռքբերումները:

ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան ծրագիրները ուղղուած են նաեւ ընկերային հիմնախնդիրներու լուծման, տնտեսութեան զարգացման եւ ՓՄՁ-ներու (փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններ) կայացման` համոզուած ըլլալով, որ այս ճամբաները կը ստեղծեն յստակ միջավայր` աղքատութեան դէմ պայքարելու, տնտեսական աճ ապահովելու, ընկերային արդարութիւն հաստատելու եւ ժողովուրդի բարեկեցութեան մակարդակը բարձրացնելու:

Վստահ ենք նաեւ, որ ժողովրդավարութեան զարգացումը եւ Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդումը էական սիւներ են պետութեան գոյատեւման ու հզօրացման համար: Որպէսզի սկսած ժողովրդական շարժումը իսկապէս յաջողի եւ ժողովուրդի շարունակական վստահութիւնը ապահովուի, անհրաժեշտ է քաղաքական հետեւողական ծրագիր, որուն հիմքերը ՀՅԴ-ն յստակօրէն կը ներկայացնէ այս ընտրարշաւին ընթացքին:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը մէկ ու անբաժան համահայկական կազմակերպութիւն է` Հայաստանի ու հայութեան բարօրութեան համար ամէնուրեք աշխատող: Այս տեսլականին հաւատարիմ` ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի ընտանիքին անունով մեր զօրակցութիւնը եւ յաջողութեան մաղթանքները կը յայտնենք Հայաստանի մեր կառոյցին եւ ընկերներուն` խորհրդարանական արտահերթ ընտրարշաւին առթիւ, վստահ ըլլալով, որ մեր համահայկական ձգտումներն ու ազգային արժէքները իրենց միջոցով պիտի շարունակուին հնչել ՀՀ Ազգային ժողովէն ներս:

ՀՅԴ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

29 նոյեմբեր 2018

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Շուէտի Կոմիտէի

$
0
0

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Շուէտի կոմիտէութեան ընկերները, ընկերուհիները, ուղեկից կազմակերպութիւնները` ՀՄԸՄ, ՀՕՄ, ՇԵՄ, Համազգայինը, Հայ դատի յանձնախումբը եւ համակիրները իրենց անսակարկ զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը կը յայտնեն մայր հայրենիքի մէջ գործող մեր կառոյցին եւ առաջադրուած թեկնածուներուն` յաջողութիւն մաղթելով յանուն հայրենիքի բարգաւաճման ծառայելու կոչուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան թեկնածուներուն:

Օ՛ն, ուրեմն, յառա՛ջ, հայրենակիցնե՛ր, քուէարկեցէք թիւ 3 ընտրաշարքին:

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՇՈՒԷՏԻ ԿՈՄԻՏԷ

Արթուր Եղիազարեան. «Ազատագրուած Տարածքների Հարցը` Հայկական Պետականութիւնների Անվտանգութեան Հիմնական Երաշխիք»

$
0
0

Մ. Մ.

«Երկիր»-ը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, պատմաբան, ռազմական փորձագէտ, արցախեան ազատամարտի մասնակից Արթուր Եղիազարեանի հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Եղիազարեան, ինչո՞ւ էք որոշել ՀՅԴ ցուցակով առաջադրուել ԱԺ պատգամաւորութեան թեկնածու: Միեւնոյն ժամանակ վարկանշային թեկնածու էք Մալաթիա-Սեբաստիա եւ Շէնգաւիթ վարչական շրջաններում:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Առաջադրուել եմ մի քանի պատճառներով: Առաջին` մանկուց այդ ընտրատարածքի բնակիչ եմ, ճանաչում եմ իմ ընտրատարածքը: Երկրորդ` խորհրդարանը օրէնսդիր մարմին է, եւ ես ինձ տեսնում եմ այդ աշխատանքում, ունեմ փորձ եւ գիտելիքներ` այդ աշխատանքն արդիւնաւէտ իրականացնելու համար: Երրորդ` ԱԺ-ում պէտք է լինեն այնպիսի մարդիկ, որոնք ընդամէնը կոճակ սեղմողներ չեն, այլ ունեն յստակ պատկերացում երկրի առջեւ դրուած մարտահրաւէրների մասին ու տիրապետում են ժողովրդին յուզող խնդիրներին: Կարճ ասած` պետութեան անվտանգութիւնը, հզօրութիւնը մեծացնելու եւ արժանապատիւ կեանքի նախադրեալներ ապահովելու ունակ մարդիկ են պէտք խորհրդարանում: Չորրորդ` լինելու եմ օրինակելի պատգամաւոր, որը մշտապէս կապի մէջ է լինելու ընտրողի հետ ու պարբերաբար հաշուետու է լինելու նրան: Հինգերորդ` 2012թ.-ին ներկայիս 3-րդ ընտրատարածքի զգալի մասն ընդգրկող 8-րդ ընտրատարածքում առաջին անգամ առաջադրուել եմ ՀՅԴ-ի կողմից որպէս պատգամաւորի թեկնածու` մեծամասնական ընտրակարգով, եւ առանց նիւթա-ֆինանսա-վարչական լծակների` դուրս եկել սակաւապետութեան ու համակարգի դէմ, որի արդիւնքում ստացել եմ ընտրողների վստահութեան ծանրակշիռ քուէ` ձայների յարաբերակցութեամբ զբաղեցնելով երկրորդ հորիզոնականը: Ակնկալում եմ, որ այս անգամ կը ստանամ ընտրատարածքի բնակչութեան աջակցութիւնն ու վստահութեան քուէն, քանի որ յաջորդող տարիներին երբեք առիթ չեմ տուել յուսախաբութեան, թէեւ այն ժամանակ չընտրուեցի: Յուսամ` այս անգամ կ՛ունենան իրենց արժանաւոր պատգամաւորն ԱԺ-ում:

Հ.- Ի՞նչ խնդիրներ էք տեսնում, որ Դաշնակցութիւնն ու դուք պէտք է հետապնդէք յառաջիկայ խորհրդարանում:

Պ.- Խնդիրները շատ են: Նշեմ մի քանիսը: Կողմ լինելով ընկերային շուկայական տնտեսութեանը` դէմ ենք տնտեսութիւնից պետութեան օտարացմանը: Պետութիւնը պէտք է լիարժէք ստանձնի իր քաղաքացիների ընկերային-տնտեսական բարեկեցութեան եւ կեանքի որակի առաջանցիկ աճի ապահովման առանցքային դերը: Հայաստանում պէտք չէ լինեն աշխատունակ, բայց աղքատ մարդիկ: Հանրութեան մէջ ազգային ոգու եւ արժէքների սերմանումը հնարաւոր է միայն նրանց կենսամակարդակի բարձրացման պայմաններում: Տնտեսութիւնը պէտք է ենթարկուի պետական անհրաժեշտ կարգաւորման եւ ունենայ պետութեան նպատակային մասնակցութիւն: Այսինքն շուկայի դասական` «անտեսանելի ձեռքի» ուժը պէտք է լիարժէք լրացուի պետութեան «տեսանելի ձեռքի» ուժով: Դաշնակցութիւնը յառաջատուական եկամտահարկի կողմնակից է, որի հիմքում պէտք է դրուի «Շատից` շատ, քչից` քիչ» սկզբունքը: Հայաստանում պէտք չէ լինեն աշխատունակ աղքատ մարդիկ:

«Ներդրում ու աշխատա՞նք, թէ՞ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւն» երկընտրանքի փոխարէն` Դաշնակցութիւնն առաջ է քաշում` «Ե՛ւ ներդրում ու աշխատանք, ե՛ւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւն» սկզբունքը:

Համարում ենք, որ ռազմական արդիւնաբերութեան բարձր արհեստա-ճարտարագիտական մի շարք ճիւղեր կարող են դառնալ տնտեսական զարգացման կարեւոր մղիչ, որի հիման վրայ էլ` ռազմական ծախսերը տնտեսական ներդրումներով փոխարինելու իրական ու արդիւնաւէտ հնարաւորութիւն:

Հայաստանի ընկերային-տնտեսական զարգացման գործում, մշակութային կեանքում հայկական սփիւռքի աշխուժ դերակատարումը քաջալերելու ենք եւ ապահովելու ենք ներդրումների համար իրական պայմաններ, որով էլ վերջ ենք տալու հայրենիք-սփիւռք անպտուղ յայտարարութիւնների յարաբերութիւններին ու ստեղծելու ենք երկկողմանի ներդաշնակ յարաբերութիւններ:

Արտաքին քաղաքականութեան մէջ Հայաստանը պէտք է բացառի «կամ, կամ»-ի քաղաքականութիւնը եւ շարունակի «եւ, եւ»-ի քաղաքականութիւնը: Այս առումով ,ՀՀ-ն պէտք է ՌԴ-ում, ԵՄ-ում եւ ԱՄՆ-ում ասի միեւնոյն բանը` անկախ նրանից, թէ այդ ուժային կենտրոններն ամբողջութեամբ կիսո՞ւմ են մեր մօտեցումները, թէ՞ ոչ, եւ մեր ասելիքը, բխելով Հայաստանի կենսական շահերից, էապէս պէտք չէ ուղղուի նրանցից ոեւէ մէկի էական շահերին: Արտաքին քաղաքականութեան հարցում ներկայիս իշխանութիւնը դրսում ստեղծել է անվստահութեան մթնոլորտ: Այս առումով, քիչ է միայն յայտարարել, թէ ՀՀ-ն շարունակում է որդեգրուած նախկին քաղաքականութիւնը, անհրաժեշտ է, որ այն բովանդակութեամբ լինի նոյնը:

Մինչեւ Ազրպէյճանը չճանաչի Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, բանակցութեամբ կարգաւորելի փոխզիջումային որեւէ այլ խնդրի մասին չենք խօսելու: Իսկ փոխզիջում ասելով` պարտադիր չէ հասկանալ տարածքային զիջումները: Դա կարող է լինել, օրինակ, ըստ իս, ջրօգտագործումն ու հաղորդակցութեան միջոցները: ՀՀ-ի եւ Արցախի միջեւ պէտք է շուտափոյթ կնքել ռազմաքաղաքական համագործակցութեան պայմանագիր: Բանակցային գործընթացում, կարեւորելով Արցախի մասնակցութիւնը, ՀՀ-ն պէտք չէ զիջի իր բանակցային դիրքերը եւ փորձի հրաժարուել իր պատասխանատուութիւնից: Ազատագրուած տարածքների հարցը պէտք է դիտարկել որպէս հայկական պետականութիւնների ռազմական անվտանգութեան հիմնական երաշխիք: Եւ որքան որ վտանգաւոր է խաղաղութեան ժամանակ խօսել պատերազմից, առաւել վտանգաւոր է պատերազմի ժամանակ խօսել զիջողական խաղաղութիւնից: Անհրաժեշտ է, ձգտելով խաղաղութեան, միշտ պատրաստ լինել պատերազմի: Հետեւաբար պէտք է ոչ թէ փամփուշտներից զարդեր սարքել, այլ հակառակը` զարդերից` փամփուշտներ:

Ազգային հայեցակարգի շրջանակում կարեւորելու ենք` հայ աւանդական ընտանիքին սպառնացող նոր մարտահրաւէրներին դիմակայելը եւ սահմանադրութեամբ նրա իրաւունքի պաշտպանութեան այժմէականութիւնը, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները եւ համազգային ներկայացուցչական մարմինի ձեւաւորման հեռանկարը, Հայ առաքելական եկեղեցուն` որպէս համազգային կառոյցի զօրակցելը` հաշուի առնելով նրա դէմ աղանդաւորական յարձակումների նոր իրողութիւնները: Մեծացնելու ենք հայոց լեզուի պաշտպանութիւնը, կարեւորելու ենք միասնական ուղղագրութեան կայացումը` որպէս ազգային-մշակութային միասնութեան անփոխարինելի հենք, պաշտպանելու ենք ազգային կառոյցները` հաշուի առնելով գաղափարական եւ կրթամշակութային հաստատութիւններին նետուած մարտահրաւէրները, տէր ենք լինելու «Ազգ-բանակ» հայեցակարգին` որպէս մեր պետականութեան անվտանգութեան երաշխիք: Մի խօսքով` «ԶԱՐԳԱՆԱԼ` ՉԶԻՋԵԼՈՎ» սկզբունքը:

Մեր ծրագրերն աւելի շատ են, բայց այս հարցազրոյցի շրջանակում փորձեմ այսքանով սահմանափակուել, մնացածին հանրութիւնը հնարաւորութիւն կ՛ունենայ ծանօթանալու քարոզարշաւի շրջանակում` ՀՅԴ նախընտրական փլաթֆորմի ու քարոզչական նիւթերի միջոցով: Միայն մի յատկանշական փաստ նշեմ` չենք տուել անիրականանալի ու ամբոխահաճոյ խոստումներ, զերծ ենք մնում ասել այն, ինչն ուզում են լսել, ինչպէս ոմանք են անում: Ասում ենք այն, ինչն իրագործելի է, հիմնաւորուած է տքնաջան աշխատանքի ու մասնագիտական լուրջ փորձագիտութեան վրայ: Ու ինչ ասում ենք, ամէնն ուղղուած է Հայաստանի ու հայի շահերին` ունենալ հզօր, զարգացած ազգային պետութիւն, համերաշխ հանրութիւն եւ արժանապատիւ աշխատանքով ու վարձատրութեամբ հայ ու Հայաստանի քաղաքացի:

Հ.- Արդեօ՞ք անհրաժեշտութիւն է, որ ՀՅԴ-ն ներկայացուած լինի յառաջիկայ խորհրդարանում:

Պ.- Կ՛ասէի աւելին` ՀՅԴ-ն պարտադիր պէտք է ներկայացուած լինի խորհրդարանում: Մենք մեր արժէքներից ու սկզբունքներից չընկրկող ուժ ենք: Լուրջ մարտահրաւէրներ են երկրի առջեւ ծառացած ու սպասւում, դիտորդի դերում յայտնուելու իրաւունք չունենք: Դա հաստատ ոչ մէկի օգտին չէ, բացառութեամբ` խառնակիչների ու կազմալուծողների:

Հ.- Ինչպէ՞ս էք պատկերացնում Դաշնակցութեան փոխյարաբերութիւնները այլ քաղաքական ուժերի հետ եւ մասնաւորապէս` խորհրդարանական գործունէութեան ընթացքում:

Պ.- Որեւէ կաշկանդում չենք ունեցել ու չունենք այլ քաղաքական ուժերի հետ յարաբերուելիս, կարողանում ենք, ըստ իրավիճակի, վարել մագոգային դիւանագիտութիւն: Վկայ` անցեալի ու ոչ վաղ ժամանակների գործընթացները: Մշտապէս հանդէս ենք եկել փոխզիջումներով խնդիրների լուծման օգտին: Կողմնակից լինելով համերաշխ հանրութեանը` բազմակարծութեան պայմաններում, կարեւորում ենք առողջ յարաբերութիւններն ու երկխօսութիւնը քաղաքական ուժերի միջեւ: Դա է ճիշդ ուղին:

Հ.- Այսօր ՀՅԴ-ի հասցէին տարբեր կողմերից հնչում են քննադատութիւններ, ինչպէ՞ս էք վերաբերւում դրանց, ինչպէ՞ս էք գնահատում այս երեւոյթը:

Պ.- ՀՅԴ-ի հասցէին հնչող առողջ, առանց վիրաւորական բառապաշարի, ստի, անիրազեկուածութեան պատճառով հնչող քննադատութեանը վերաբերւում եմ բնական: Եթէ քննադատում են, ուրեմն քեզնից սպասելիք ունեն: Աւելի վատ է, երբ քեզնից չեն խօսում: Առողջ քննադատութիւնը նպաստում է, որ քեզ տեսնես կողքի աչքով: Ու դա մեզ համար օգտակար է:

Բայց, ցաւօք, կայ նաեւ անառողջ քննադատութիւն, որն իբր թէ քննադատութիւն է, բայց իրականում` միտումնաւոր ապատեղեկատուութիւն, ձեռնածութիւն: Այս երեւոյթը տարբեր ծագումնաբանութիւն ունի. դրսի օտար ուժերի, այդ թւում` Ազրպէյճանի ու Թուրքիայի շահերը սպասարկող ապազգային տարրերի կողմից, տեղեկատուական ու հոգեբանական պատերազմի մեթոտներով ազգային արժէքային համակարգ կրող ուժի վարկաբեկում, որի արդիւնքում` հանրութեան մոլորեցում, թունաւորում ու քո դէմ տրամադրում, քաղաքական խանդ, խորհրդային ու ՀՀՇ-ական տիրապետութեան տարիներից եկող հակադաշնակցականութիւն, ինչպէս նաեւ ինքնահաստատման փորձ` որոշ անհատների ու կառոյցների համար:

Հ.- ՀՅԴ-ն մեր երկրի ամենամեծ կենսագրութիւն ունեցող եւ ամենակազմակերպուած կուսակցութիւններից է, եթէ ոչ` ամենափորձառուն ու կազմակերպուածը: Որքանո՞վ են այդ գործօններն օգնում կուսակցութեան գործունէութեանը եւ որքանո՞վ են դերակատար հէնց խորհրդարանական գործունէութեան ժամանակ:

Պ.- ՀՅԴ-ն առաջին հերթին պետականաստեղծ կուսակցութիւն է ու համազգային իրական կառոյց`  համահայկական օրակարգերով, յստակ կազմակերպուած կառոյցով ու փորձառու կենսագրութեամբ: Դաշնակցական լինել` նշանակում է կրել այդ ողջ պատասխանատու ծանրութիւնը անցածի համար եւ յստակ տեսնել այն ուղիները, որոնք քայլ առ քայլ մեզ կը տանեն ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման:

Հ.- Որպէս Մալաթիա-Սեբաստիա ու Շէնգաւիթ վարչական շրջաններում ՀՅԴ-ի կողմից առաջադրուած պատգամաւորի թեկնածու` ընտրողի համար ինչպիսի՞ պատգամաւոր կը լինէք:

Պ.- Վստահաբար կը լինեմ օրինակելի պատգամաւոր, այնպիսին, որ ինձ ընտրողը երբեք չամաչի իր ընտրութեան համար: Կը լինեմ հաշուետու, պարբերաբար հանդիպելով ընտրատարածքի ազգաբնակչութեան հետ` կը լսեմ նրանց կողմից բարձրացուած հարցադրումները` ԱԺ տանելու համար: Սա ինձ համար հեշտ լուծելի է, քանի որ ապրում եմ մարդկանց մէջ` պարզ աշխատաւորի կեանքով, մեկուսացած չեմ մարդկանցից ու չեմ լինի: Կը զեկուցեմ ու կը պարզաբանեմ ԱԺ-ում իմ գործունէութեան իւրաքանչիւր քայլ: Այդ գործունէութեան ողջ շրջանում երբեք չեմ անի մի քայլ, որ ամաչեմ մարդկանց աչքերին նայելուց, ինչպէս եղել է իմ անցած ողջ կենսագրութեան ընթացքում: Ես նրանցից մէկն եմ ու մնալու եմ: Հաւատարիմ հողին ու հային:

 

Հիմնադրամի Հանգանակութեան Առիթով. Ընդհանրական Հայութեան, Հողին Ու Հայուն Յաղթանակին Համար

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Հինգշաբթի, 29 նոյեմբերին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ռատիոթոնը Լիբանանի մէջ պսակուեցաւ յաջողութեամբ:

Լիբանանի հայութիւնը, իր աւանդութեան համաձայն, յարաբերաբար իր թիւին ու նիւթական կարողութեան, ու հակառակ երկրի տնտեսական սուր տագնապին, անգամ մը եւս փաստեց, որ ինք ո՛չ միայն անպատասխան չի թողուր հայրենիքի հրաւէրը, այլեւ իր մասնակցութեամբ կը զօրակցի անոր` աւելիով ամրապնդելու հայութեան եւ Հայաստանի արմատները:

Անհատներու կամ պատանեկան, երիտասարդական-ուսանողական, բարեսիրական, մշակութային, մարզական միութիւններու, ազգային իշխանութեանց ենթակայ կառոյցներու եւ լիբանանահայ կրթական օճախներու մասնակցութիւնը իբրեւ թիւ թէ տարողութիւն ցուցանիշ է այն խոր համոզումին, որ Լիբանանի մէջ իր ինքնութեան պահպանման ու ամրապնդման համար կռիւ մղող հայութիւնը չէ սահմանափակուած զուտ ներլիբանանեան համայնքային հարցերով ու ինք առաջնահերթ կը նկատէ համահայկական խնդիրները եւ կը ձգտի նպաստել անոնց լուծման:

Թէ մասնակցողներուն թիւը աւելի կրնա՞ր ըլլալ,
թէ մասնակցութեան ու նուիրատուութեան գումարը աւելի կրնա՞ր ըլլալ,
թէ իւրաքանչիւր անհատ հայ նուիրաբերե՞ց իսկապէս իր կարողութեան կամ կամեցողութեան համաձայն,
թէ անհրաժե՞շտ էր, որ երիտասարդութիւնը իր աւելի լայն մասնակցութիւնը բերէր,
կամ հայութեան կեանքին լուսանցքին քալողները աւելիով հետաքրքրուէի՞ն,

Հարցումներ են, որոնք տեւաբար կը տրուին, եւ անհրաժեշտ է մտածել անոնց պատասխաններուն մասին:

Սակայն հիմնականը, էականը ա՛յն է, որ Լիբանանի հայութիւնը այս անգամ եւս անմասն չմնաց իր նեցուկը տալու համահայկական ա՛յս գործին եւս:

Հիմնադրամը մարդասիրական գործ չէ: Բարեգործութիւն չէ մեզի համար: Ո՛չ ալ սոսկ մայրուղիի մը, շէնքի մը, տան մը կամ որոշ ծրագիրներու իրականացման նպաստող ազդակ:

Հիմնադրամը հայութեան ու Հայաստանի հզօրացման մէկ օղակն է անկասկած:
Հիմնադրամը իւրաքանչիւր հայու անձնական հզօրութիւնն է անկասկած:
Հզօր Հայաստան ու հզօր հայութիւնը ուժեղ հայու գրաւականն են:
Հայը Հայաստանի ու հայութեան հզօրացումով կ՛ուժեղանայ ինք եւս վստահաբար:
Ու այս մեկնակէտով մենք մասնակցեցանք հիմնադրամի հանգանակութեան:
Ընդհանրական հայութեան հզօրացման համար:
Բոլորիս` հողին ու հայուն յաղթանակին համար:
Այսպէս է Լիբանանի հայութիւնը:

Վարձքը կատար բոլորին:

Իսկ անոնք, որոնք չկրցան նուիրաբերել, ժամանակը միշտ յարմար է:

Անձնական հզօրացումի համար մանաւա՛նդ:

Որովհետեւ անձնական հզօրացումի ճամբան հաւաքական հզօրացումն է:

 

 

 

Մշակութային Արձագանգ. «Քֆարնահում» Իրական Կեանքէ Առնուած Ժապաւէնը Իր Բազմակողմանի Մարդկային Երեսներով Արժանացաւ Քաննի Շարժապատկերի Միջազգային Փառատօնի Մրցանակին

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Մենք կ՛ապրինք այնպիսի ընկերութեան մը մէջ, ուր մարդկային նուազագոյն իրաւունքներն անգամ չեն յարգուիր: Անիրաւութեան դէմ մեր պոռթկումը երբեմն նոյնիսկ անարձագանգ կը մնայ, որովհետեւ սահմանուած օրէնքները լոկ չակերտներու մէջ սահմանափակուած են: Բեմերէն կը խօսուի մարդու իրաւունքներու, մանուկներու իրաւունքին մասին, բայց անոնց գործադրութիւնը դժբախտաբար մեր ընկերութեան մէջ չի կիրարկուիր: Այսօր ականջալուր կ՛ըլլանք մանուկներու չարաշահման (child abuse), երբ ընտանիքներէն ոմանք տնտեսական պայմաններու բերումով, ուրիշներ` դիտաւորեալ, իրենց անչափահաս զաւակները կը զրկեն իրենց տարրական իրաւունքէն` ուսումէն եւ կը մղեն տաժանակիր աշխատանքի` այս ձեւով խախտած ըլլալով ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու հռչակագիրը: Այս առումով, հարկ է լուսարձակի տակ առնել այս հռչակագիրը, զոր Լիբանան որդեգրած է 1991-ին, ըստ որուն, «մանուկը իրաւունք ունի բարօր կեանքի, ընտանեկան առողջ մթնոլորտի, մտքի, կրօնի, խղճի, ազատ կարծիքի արտայայտութեան, տարրական ուսման, յատուկ ինքնութեան: Պէտք չէ խտրութիւն դնել մանուկներու միջեւ, առիթ պէտք է տալ ձիրքերու զարգացման, զանոնք պաշտպանել թմրեցուցիչէ, չարչարանքէ, պատերազմէ, բռնաբարումէ…»: Ի զուր եւ պատահական չէ ՄԱԿ-ի այս հռչակագիրը` ի մտի ունենալով, որ աւելի քան 100 միլիոն երեխաներ այսօր կ՛ապրին առանց ընտանիքի եւ քաղաքներու փողոցներուն մէջ` իրենց կեանքին կարեւոր մասը թեւակոխելով առանց դոյզն իսկ վայելելու իրենց հօրն ու մօր սէրը եւ ապահովութիւնը:

Եւ ահա Լիբանանի շարժապատկերի սրահներու մէջ ցուցադրուող լիբանանցի բեմադրիչ Նետին Լապաքիի «Քֆարնահում» ժապաւէնը, իր ոչ արհեստավարժ դերասաններու խաղարկութեամբ, այլ իրենց ապրած առօրեայ կեանքի բեմադրումով, ընտանեկան ապառողջ մթնոլորտի եւ  մանուկին նուազագոյն իրաւունքի բացակայութեան` եկաւ ապացուցելու, որ տակաւին մեր շրջապատին մէջ կան այսպիսի վատ ընտանեկան մթնոլորտ եւ  իրաւազրկուած երեխաներ:

«Քֆարնահում» Ժապաւէնին նիւթին անդրադառնալէ առաջ հարկ է ստուգաբանել Քֆարնահում անունը:

Ուրկէ՞ Եկած Է «Քֆարնահում» Անունը

Քֆարնահում կամ հայերէն տառադարձութեամբ` Կափառնայումը պատմական գիւղ մըն է Քրիստոսէ առաջ: Անիկա բազմաթիւ դէպքերու թատերաբեմը դարձած է: Պատմական Քֆարնահում գիւղը կը գտնուի Պաղեստինի հիւսիսը, Տիբերիոյ լիճի ափին եւ Գալիլիոյ ծովուն հիւսիս-արեւմուտքը: Այս բառին ստուգաբանութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ Քֆարնահում բառը բաժնուած է երկու մասի: Քֆար կը նշանակէ կողմ, իսկ Նաում, այն մարգարէն է որ ապրած է Քրիստոսէ առաջ 17-րդ դարուն: Ան հեղինակն է Հին կտակարանի մարգարէական գիրքերէն մէկուն:

Քֆարնահում յիշուած է բազում անգամներ Նոր կտակարանի` Մատթէոսի աւետարանին մէջ, ուր տեղի ունեցած են բազմաթիւ հրաշքներ, ինչպէս` անդամալոյծին բժշկութիւնը եւ հարիւրապետի ծառային բժշկութիւնը:

Քրիստոսի քաղաք  եւ սրբավայր կ՛ընդունուի Կափառնայումը, որովհետեւ Յիսուս հոն անցուցած է իր երկրաւոր կեանքի կարեւոր փուլերը եւ այստեղ է, որ տուած է իր նշանաւոր լերան քարոզը:

Բեմադրիչը այս անուան ընտրութիւնը կը հաստատէ անով, որ այս գիւղը Պաղեստինի մէջ կը գտնուի եւ ֆրանսերէն լեզուի մէջ կը նշանակէ աղմուկ, իրարանցում: Ան այս ժապաւէնին անունը լաւագոյնս բնորոշած է` ներկայացնելու ընտանիքի մը իրական ողբերգական պատմութիւնը:

«Քֆարնահում» Ժապաւէնը` Իրական Կեանքի Թատերականացումը

120 վայրկեան տեւողութեամբ լիբանանցի բեմադրիչ Նետին Լապաքիի «Քֆարնահում» ժապաւէնը կը պատմէ 12 տարեկան Զէյն անունով պատանիի մը մասին, որ դատարանը իր ծնողքին դէմ դատ բացած է` բողոքելով իր աշխարհ գալուն, իր ունեցած վատ մանկութեան եւ կեանքի ահաւոր դէպքերը դիմագրաւելու պարտաւոր ըլլալուն դէմ: Այս պատանին պատերազմէն փախած սուրիացի գաղթական ընտանիքի մը զաւակն  էր, որ կ՛ապրէր Պէյրութի արուարձաններէն մէկուն մէջ:

Հոգերով լեցուն եւ մանկութիւն չունեցած պատանի Զէյնը դատարանին մէջ ծնողքին դէմ դատ բանալու տեսարանէն անմիջապէս ետք յետադարձ ակնարկ մը կը կատարուի լուսարձակի տակ առնելու համար իրաւազրկուած այս պատանիին կեանքը: Խեղճ պայմաններու մէջ, չափազանց չքաւոր Զէյնը բազմանդամ ընտանիքի մը զաւակն էր եւ ուսումէ զուրկ էր, ինչ որ իրաւունքն է իւրաքանչիւր երեխայի: Կ՛ապրէր ապառողջ ընտանիքի մը մէջ, ուր կը տիրէին բռնութիւն, բրտութիւն, ծեծ, անտեսում: Իր անչափահաս քոյրը (11 տարեկան), որ իրեն ամէնէն մօտիկ անձն էր ընտանիքին մէջ, կը սիրահարի թաղեցի խանութպանին: Զէյնը, պատանի ըլլալով` բաւարար հասունութիւն ունէր կեանքի սկզբունքներուն եւ արտասովոր երեւոյթներուն հանդէպ: Առիթով մը, երբ տեսաւ իր քրոջ անհանգիստ վիճակը (արիւնահոսութիւն), գիտցաւ, թէ ան արդէն արբունքի շրջան բոլորած է, եւ կրնայ ծնողներուն կողմէ հարուստի մը կինը դառնալու լաւ «որս» ըլլալ: Ուստի, ան ուզեց փախցնել իր քոյրը` փրկելու համար ստոյգ ոճիրէ (կանխահաս ամուսնութիւն):

Սակայն ընտանիքին արդարացումը, թէ այսպիսի բախտ վիճակուած է իր քրոջ, Զէյնին ստիպեց լքել իր «հօրենական» տունը եւ փնտռել վայր մը` հեռու այս անհանդուրժելի մթնոլորտէն: Ան հանդիպեցաւ ճաշարանի մէջ աշխատող, ապօրինի կեցութիւն ունեցող եթովպիացիի մը` Եուրտանոսին, որուն ապօրինի զաւակին` Եունասին հոգատարութիւնը ստանձնեց պարզապէս աւելի ապահով երդիքի մը տակ ապրելու համար: Եւ ահա Զէյնը դարձեալ կը գտնուի նոր մարտահրաւէրի դիմաց, երբ Եուրտանոս չի կրնար ապահովել հարկ եղած գումարը` իր զաւակին պետական արձանագրութիւն կատարելու եւ զեղծարարի մը լարած թակարդին մէջ կ՛իյնայ ու կը պատահի անսպասելին. ան կը ձերբակալուի: Զէյնը, որ ոչ մէկ դահեկան ունէր` եթովպիացիին զաւակին հոգ տանելու, կը ստիպուի իր ապրած խրճիթին առարկաները, պնակները ծախելու, որպէսզի կարենայ սնունդ հայթայթել, կաթ գնել երեխային: Զէյնը դարձեալ անապահով մթնոլորտի մէջ է, շրջապատուած` թմրեցուցիչ գործածող մարդոցմով: Ի վերջոյ Զէյնը չի կրնար իր պատասխանատուութենէն վեր եղող երեխայի մը հոգատարութեան ծանր բեռը վերցնել եւ կը ստիպուի Եունասը վաճառել կիրակնօրեայ շուկայի մէջ գտնուող զեղծարարի մը, որ մանուկներու առեւտուր կ՛ընէր, ու տուն կը վերադառնայ: Հոն արդէն կը սպասէր իրեն այլ պատուհաս մը. իր սիրած եւ պաշտպանած քոյրը արդէն կնքած էր իր մահկանացուն` կանուխ յղութեան անհեթեթ պատճառով:

Ի՞նչ պէտք էր ընէր Զէյնը: Զո՞վ դատէր կամ որմէ՞ վրէժ լուծէր: Իր ծնողքէ՞ն, թէ՞ այդ անգութ ամուսինէն: Ան իր վրէժը լուծեց իր քրոջ ամուսինէն, երբ իմացաւ քրոջ մահուան փոթորկալի լուրը, տունէն առաւ մեծ դանակը եւ գնաց ու դանակոծեց քրոջ ամուսինը` այս ձեւով ինքզինք գտնելով բանտի խուցերուն մէջ: Դատավարութիւն եւ ի՜նչ դատավարութիւն: Մէկ կողմէ` զաւակի մը կողմէ ծնողքին դէմ բացուած, միւս կողմէ` դանակոծեալին կողմէ Զէյնին դէմ իբրեւ ոճրագործութեան հայց: Պատահեցաւ անսպասելին, երբ լիբանանեան հեռատեսիլի  կայանի մը ցուցադրած «Բռնութեան եւ մանուկներու չարաշահման» յայտագիրի ընթացքին հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Զէյնը հաղորդավարին հետ եւ պարզեց իր ահաւոր վիճակն ու բանտարկութիւնը: Յայտագիրը վարողը եւ բեմադրիչ Նետին Լապաքի փաստաբանի մը հետ փութացին բանտ եւ ազատեցին զինք բանտի խուցէն` յանձնելու համար մարդկային նուազագոյն իրաւունքները յարգող եւ մարդկային արժէքները արժեւորող ընտանիքի մը, որոնց յարկին տակ պիտի յարգուէր մանուկներու իրաւունքները եւ այսօր Զէյնը փոխադրուած է աւելի ապահով քաղաք ու հանգստաւէտ ընտանեկան մթնոլորտ, ուր ան նաեւ ուսում պիտի ստանայ:

Այս ժապաւէնը պահ մը հանդիսատեսները կարծես փոխադրեց դէպի իրականութիւն մը, ինչը անոնք ապրեցան իւրաքանչիւր դէպքի հետ: Մէկ խօսքով, ականատես դարձան մանուկներու չարաշահման ահարկու երեւոյթին: Սակայն իր ունեցած վատ անդրադարձէն բացի` բազմաթիւ զգաստացնող դասեր կան, որոնք կը նախազգուշացնեն հանրութիւնը մանուկներուն զգացումները յարգելու իմաստով:

Ժապաւէնին Դերասանները Ոչ Արհեստավարժ Են

Բեմադրիչ Լապաքիին իսկ վկայութեամբ, այս ժապաւէնին դերասանները դերասանութիւն չկատարեցին նկարահանման համար, այլ անոնք բեմադրեցին իրենց ցաւալի ապրուած  առօրեան` անուղղակի պատգամ յղելով հանդիսատեսներուն եւ աշխարհին: Հոն տեսանք չարաշահուած մանուկներու կեանքը, օտարահպատակ աշխատողներուն դժուարութիւնները, թմրեցուցիչի գործածութիւնը եւ շատ մը ընկերային նիւթեր… Լապաքին նաեւ յայտնեց, որ շարժապատկերը միայն ժամանցի եւ ուրախութեան համար չէ, այլ` օգնելու, մտածելու անտեսուած մանուկներուն, անոնց ապրած հոգեբանական բարդ վիճակին եւ, ի վերջոյ, լոյս սփռելու բոլոր այն յոռի երեւոյթներուն վրայ, որոնց զոհը երեխաներն են առհասարակ:

«Քֆարնահում»-ը` Միջազգային Մրցանակակիր

Քաննի շարժապատկերի միջազգային 71-րդ փառատօնի ընթացքին լիբանանցի Նետին Լապաքիի լիբանանեան «Քֆարնահում» ժապաւէնը արժանացաւ դատական կազմին գնահատականին` 27 տարի ետք դարձեալ Լիբանանին ապահովելով ոսկեայ մրցանակը: Սակայն այս փառատօնին մեծագոյն յաջողութիւնը մարդասիրութիւնն էր, որ նուաճուեցաւ ոչ արհեստավարժ դերասաններու իրական խաղարկութեամբ: Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթի լրագրող Ռոպին Քոլին «Քֆարնահում» ժապաւէնը ընկերային-իրական բարեյաջող ժապաւէն նկատած է, ուր բացայայտօրէն գերակշռած են գուրգուրանքը, պոռթկումը, տխրութիւնը, բայց նաեւ յոյսը գոյութիւն ունի:

«Քֆարնահում» ժապաւէնը դիտելէ ետք հանդիսատեսներուն արժեւորումը առաջին հերթին կ՛երթայ դերասաններուն, որոնք յանդգնութեամբ եւ անվախօրէն ներկայացուցին իրենց առօրեայ դաժան կեանքը` հրաւիրելով բոլորը զգաստութեան: Երկրորդ արժեւորումը` բեմադրիչ Նետին Լապաքիին, որ իր բացառիկ կարողութեամբ լիբանանեան շարժապատկերը դարձեալ բարձրացուց միջազգային բեմահարթակ, երբ արժանացաւ Քաննի միջազգային 71-րդ փառատօնի դատական կազմի մրցանակին:

«Քֆարնահում» ժապաւէնին ցուցադրութեան զուգահեռ, մեր մտասեւեռումը դարձեալ կ՛ուղղուի ՄԱԿ-ին, որ 1954-ին հաստատեց Մանուկներու օրը` պաշտպանելու համար աշխարհի մանուկները` ծանր եւ վտանգաւոր աշխատանքէ: Պէտք է միշտ մտաբերենք, որ մանուկները ազգին ապագան պիտի կերտեն: Ուստի, պէտք է մեր աչքին լոյսին նման խնամենք զիրենք` ուրախ եւ առողջ մանկութիւն մը շնորհելով անոնց:

 

 

 

 

Նախապայմանը Եւ Ռազմաշունչ Սպառնալիքները Նոյն Ծիրին Մէջ Են

$
0
0

Ա. Ա.

Արցախի տագնապը բանակցային հոլովոյթէն այլ հարթակ փոխադրելու ազրպէյճանական դիւանագիտութեան ճիգերը կը դառնան ընդհանուր քաղաքականութեան մը ծիրին մէջ, որուն միակ նպատակն է Հայաստանը ներկայացնել իբրեւ խաղաղութիւնը մերժող կողմը, որ գրաւուած պահելով «ազրպէյճանական տարածք»-ները` չի ձգտիր տագնապին լուծման:

Բանակցութիւններու սեղանին շուրջ մինչեւ այսօր շօշափելի ոչ մէկ յառաջխաղացք արձանագրուած է` ինչ կը վերաբերի տագնապին արդար լուծում մը գտնելու հեռանկարին: Արցախի` իբրեւ անկախ եւ ինքնիշխան պետութեան գոյութեան, գոյատեւման եւ ապահովութեան երաշխաւորման տրամաբանական եւ արդարացի իրաւունքի մերժմամբ` Ազրպէյճան թէ՛ ներքին սպառումի եւ թէ՛ արտաքին յարաբերութիւններու համար կը գործածէ եզրեր եւ եզրայանգումներ, որոնք ամբողջովին խեղաթիւրուած պատկեր մը կը ներկայացնեն:

Նորագոյնը Ազրպէյճանի փոխնախագահ Ալի Հասանովի կողմէ Հայաստանի ուղղուած հրաւէր մըն է, զոր ան հրապարակած է թրքական Անատոլու լրատու գործակալութեան միջոցով: Հարցազրոյցին մէջ Հասանով Հայաստանը հրաւիրած է` միանալու Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական ծրագրերուն, որոնք արդէն իսկ կը գործադրուին Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի աշխուժ մասնակցութեամբ: Այս հրաւէրը, սակայն, ունի նախապայման մը, որ այնքան ալ անակնկալ մը չէ: Հայկական կողմը պէտք է վերջ տայ «ազրպէյճանական տարածք»-ներու գրաւման: Այսինքն Արցախը եւ ազատագրուած միւս տարածքները յանձնէ Ազրպէյճանի:

Խօսելով Թուրքիա-Ազրպէյճան առեւտրատնտեսական գործակցութեան մասին` Հասանով նշած է, որ այս գործակցութիւնը ոչ մէկ վնաս եւ վտանգ կը սպառնայ դրացի Հայաստանին, աւելցնելով, որ Ազրպէյճան պատրաստ է խաղաղութեան եւ բարօրութեան հաստատման:

Անշուշտ տարիներէ ի վեր Հայաստանը տնտեսական ծանր շրջափակման մէջ պահող Թուրքիա եւ Ազրպէյճան, ըստ Հասանովի, ոչ մէկ վտանգ կը սպառնան Հայաստանի: Ասիկա դիւանագիտական տրամաբանութիւն մըն է, որ կը ձգտի Հայաստանը ներկայացնել իբրեւ բռնագրաւող պետութիւն մը: Եւ եթէ հայկական կողմը իսկապէս բռնագրաւած է, ըսենք, «ազրպէյճանական տարածք»-ներ, ուրեմն անխուսափելիօրէն կը վերածուի մեկուսանալու ճակատագրին ենթակայ երկրի մը: Հոս` Ազրպէյճան եւ Թուրքիա ոչ մէկ «դերակատարութիւն» ունին Հայաստանի տնտեսական շրջափակման մէջ, որովհետեւ Հայաստան ինքն է, որ ինքզինք այդ կացութեան մէջ դրած է:

Հասանովի տրամաբանութեան երկրորդ բաժինը կ՛ամբողջացնէ Պաքու-Անգարա համարկումը: Ըստ Ազրպէյճանի փոխնախագահին, Հայաստան անհիմն պնդումներ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ եւ յստակ է, որ «անհիմն պնդումներ»-ը կը վերաբերին Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի հողային պահանջներուն: Ասիկա ընելով` Երեւանի իշխանութիւնները կը վտանգեն իրենց սեփական ժողովուրդը:

Ուրեմն, որպէսզի Հայաստան կարենայ մասնակից դառնալ Հարաւային Կովկասի տնտեսական ծրագրերուն, ինչպէս` կազատարներ, երկաթուղիներ եւ այլ նախագիծեր, պէտք է նախ «ազրպէյճանական տարածք»-ներէ հեռացնէ բռնագրաւող իր ուժերը:

Հայաստանը իբրեւ գրաւող եւ յարձակողապաշտ պետութիւն մը ներկայացնելու Հասանովի նպատակը առաւել կը հասկցուի, երբ հարցազրոյցի աւարտին կը նշէ, որ Ազրպէյճան Հայաստանի դէմ չէ, ընդհակառակը, Հայաստանին կոչ կ՛ուղղէ, որպէսզի խաղաղութեան հաստատման իրաւական պահանջները կատարէ:

Մէկ կողմէ ապատեղեկատուութիւն տարածելով սահմանին վրայ հայկական ուժերու կողմէ զինադուլին օրական մինչեւ հազար անգամ խախտման դէպքերու մասին, միւս կողմէ` օրն ի բուն ցուցադրելով ազրպէյճանական բանակին կատարած ռազմափորձերուն թէ ձեռք բերած զէնքերուն տեսանիւթերը, տակաւին, ռազմագերիներու փոխանակման խեղաթիւրուած տարբերակներու մասին ծանուցելով կամ միջազգային հարթակներու վրայ հայկական շահերուն դէմ բացայայտ պայքար մը շղթայազերծելով` Ազրպէյճան իր հակահայ քաղաքականութեան բաղադրիչները կը համատեղէ, որպէսզի հայկական կողմը ներկայացուի արդարութիւնը արհամարհող բռնագրաւող մը, որ պէտք է զգաստութեան հրաւիրուի:

Նման քաղաքականութիւն կիրարկող Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստիլը կը պահանջէ երկու բան: Նախ` բոլոր տեսակի անհասկացողութիւններէ զերծ յստակ եւ միացեալ կեցուածք` հայութեան բոլոր հատուածներուն միջեւ: Երկրորդ` դիւանագիտական ծրագրուած աշխատանք` հակադարձելու Հասանովի, Մամետիարովի եւ բոլոր անոնց, որոնք «Մենք Հայաստանի դէմ չենք, մենք պարզապէս Հայաստանի կոչ կ՛ուղղենք, որ խաղաղութեան նպաստող քայլերու դիմէ» ըսելով` զոհը դահիճ ներկայացնելու ճիգին լծուած են:

 

 

Թեւ (Բ.) –Բառ Մը, Որ Ամփոփեց Մեզ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Ծաղկաձորի հրապարակը կիրակնօրեայ ջերմ յետմիջօրէին աշակերտական մեր խումբին համար դարձեր էր միժամեայ հանգիստի հրապուրիչ վայր: Թեւատարած արծիւներու արձանի շուքին տակ, «Ծաղկաձոր» փորագրուած նստարաններու վրայ Սարինին հետ առիթը ունեցեր էի «թեւ» բառին պատմութեան մասին խօսելու. զրոյց մը, որ սկսեր էր օր մը առաջ, Տաթեւ վանքին մօտ, Տաթեւեր ճոպանուղիին վրայ: Մտաբերեր էինք նաեւ, որ վանքի ճարտարապետին վերջին խնդրանքն էր, որ Աստուած «Տա՜յ թեւեր»:

Սարինը հիմա կիթառ նուագող երիտասարդներու մօտ է: Մեղմօրօր երգ մըն է, որ առինքնած է աղջնակը. «Ինձ առ ճերմակ թեւերիդ մէջ, իմ քոյր բալենի…»: Քաղցր է տեսարանը. թեւ-թեւի մտած զոյգեր, կուտ ուտող եւ չես գիտեր` ինչո՛ւ մեր կողմ նայելով ծիծաղող պատանուհիներ, հեծելանիւ քշող մանկիկներ եւ խաչբառ լուծող, կամ ճատրակ խաղացող մեծ հայրեր… Այս երերող տեսարանին առջեւ մտքի թռիչք մը կը բաւէ, որ յայտնուի «թեւ» բառին պատմութիւնը:

Մեր ստուգաբաններուն յստակ չէ, թէ այս բառը ե՛րբ եւ ուրկէ՛ թեւ առաւ ու թառեցաւ մեր լեզուի վրայ: Կը կարծուի ծագած ըլլալ հայկական լեռնաշխարհի pteuo հնագոյն արմատէն: Անիկա կը նշանակէ «թռչիլ»: Գեղեցիկ է մտաբերել նաեւ, որ գիրերու գիւտէն շատ առաջ, Գողթան երգերու մէջ, անիկա սկսեր էր թռիչք տալ հայու երեւակայութեան… Ահա թէ ի՛նչ արագութեամբ Արտաշէս թագաւորը իր սեւ ձիով անցեր է Կուր գետը` ալաններու Սաթենիկ իշխանուհին «որսալու» համար. «Անցեալ որպէս զարծուի սրաթեւ»: 5րդ դարուն, որպէս հասուն բառ, բառս սկսաւ թեւարկել Աստուածաշունչի էջերուն վրայ: Հոն տեղ գտան «թեւակոխել», «թեւարկել» եւ «թեւաւոր» բառերը:

– Պարո՛ն, կրնա՞նք քիչ մը աւելի երկար մնալ հոս, ե՞րբ Երեւան կը վերադառնանք, կը հարցնէ Տերեւը:

– Երբ ձեր բոլոր պաղպաղակները եւ կուտերը վերջանան… Արդեօ՞ք կիթառահարը մեզի համար երգ մը կը նուագէ:

– Հիմա կը հարցնեմ, պարո՛ն:

10-րդ դարուն Գրիգոր Նարեկացին «թեւ» բառին հետ հոգեւոր թռիչք ունեցաւ: Անոր փետրագրիչէն արձակուեցան «թեւ տարածեալ», «նշոյլ քառաթեւ», «թեւ ամէնընթաց», «թեւ ոգւոյս» արտայայտութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրբին վերջին հառաչանքը Ամենակալին` իր մտայղացած կոչումով` «թեւապարփակ պաշտպանող»-ին` «Ամփոփեա՛ (ինձ) թեւօք»: Այնուհետեւ մեր երազկոտ միավանկը դարերու մէջէն ճախրեց ու թեւեր տուաւ հայ բանաստեղծներուն եւ աշուղներուն: Նախ Ջիւանին եկաւ ու ըսաւ, թէ ո՛վ է աշուղը. «Անթեւ թռչնակ է աշուղը: Այսօր այստեղ, վաղը այլ տեղ»: 800 սիրաթեւ երգերու հեղինակ Ջիւանին ունէր նաեւ ազատատենչ ոգի: Իր քամանչայով, երբ հարկ եղաւ, պայքարեցաւ բռնակալներու դէմ: Եւ, օր մը, վերջապէս անոր յայտնուեցաւ ազատութեան պատկերը.

«Գիտեմ, շուտով կը փայլէ
քառաթեւ արեգակը»:

«Թեւ» բառի քաղաքական եւ հայրենասիրական ակնարկութիւնները շեշտուեցան նաեւ Աշուղ Նազելիի «Անդրանիկին» երգին մէջ.

«Մշոյ դաշտով արծիւ անցաւ,
թեւը արնոտ վիրաւոր,
Վերջին անգամ թեւին տուաւ,
ընկաւ արքան թեւաւոր»

Երբ խաղաղեցաւ աշխարհը, Գուսան Աշոտը «թեւ» բառի փետուրներուն վրայ կրկին նստեցուց նուրբ զգացումներ: Տեսէ՛ք, թէ ի՛նչ երգեց ան, երբ վաղ առաւօտուն վարդաբոյր պարտէզի մէջ տեսաւ իր «արշալոյս դէմք» եարին` «Սիրտս է թեւ առել… Միտքս է թեւ առել… Երգս է թեւ առել»: Նոյն թրթռացումները ունեցաւ Գուսան Աշխուժը, այդ կոյր բանաստեղծը, որ աշխարհը կը դիտէր հոգիի աչքերով.

«Երբ նիրհում են շրթունքներս
Այդ վառ սիրով միշտ կարօտ,
Հոգիս զարթնում, թեւ է առնում
Ու ինձ տանում նրա մօտ»:

Տէրեանի համար գեղեցկուհին էր «թեւ»-ը, որ մթնշաղին կ՛ընթանար «…սահուն քայլերով, աննշմար, որպէս քնքուշ մութի թեւ»: Նոյն թուականներուն Լեւոն Շանթը բեմ հանեց գաղափարապաշտ վանահայր մը: Յուսալքուած եւ երազաբեկ` վերջինը խոստովանեցաւ. «Ճիշդ է` ես ողորմելի ու մեծամիտ մարդ մըն եմ, գոցեր եմ աչքերս ու կը կարծեմ, թէ կը թռչիմ, պարզեր եմ թեւերս գոռոզ վեր ու կարծեր եմ, թէ հասայ երկնքին»:

Դո՛ւք, յարգելի՛ ընթերցողներ, տեսա՞ծ էք թեւ մը ձեր երազին մէջ: Սա պատահեցաւ Յովհաննէս Թումանեանին: Ան օր մը չարացաւ ու վնաս տուաւ անմեղ հաւու մը եւ ունեցաւ խիղճի կատարեալ ցաւ.

«Թռչում է միշտ իմ մտքում,
Թեւը արնոտ ու մոլոր»:

Մեր միավանկը թեւակոխեց նոր շրջան, երբ ունեցաւ իմաստի ոստում ու հիմք կազմեց բազմաթիւ դարձուածքներու, ինչպէս` «թեւը ծալած», որ կը նշանակէ անցուդարձերուն անտարբեր: Շուշանիկ Կուրղինեանը այդ դարձուածքով այպանեց այն մարդը, որ անտարբեր էր յառաջդիմութեան. «Ա՜հ, թշուառակա՛ն… Կեանքի հոսանքին թեւերիդ ծալած»: Ապա եկան բառի փոխաբերական իմաստները: «Թեւ»-ը երկփեղկ պատուհաններու կամ դռներու իւրաքանչիւր փեղկն է, խաչի հորիզոնական կողմերը, քաղաքական կուսակցութիւններու ծայրայեղ խմբաւորումը, գետի ափը, ձկան լողակը, ճամբու եզերքը, ծառի ճիւղը, շինութեան կողմնային մասը, մարտական զօրքի աջակողմեան կամ ձախակողմեան բաժինը, մարզադաշտերու աջ ու ձախ ծայրամասերը, մակոյկի այն փայտիկը, որուն կապուած է թին… «Թեւ»-ը, որ նաեւ կը նշանակէ հովանաւորութիւն եւ պաշտպանութիւն, իր ամենատխուր եւ անհանգստացնող գործածութիւնը գտաւ Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարսը» վիպական բանաստեղծութեան մէջ, ուր Սանան, ըստ գիւղացիներու տուած որոշումի` անհաւատարիմ կին, ստացաւ մահապատիժ ու իր պահապան հրեշտակը դարձաւ «թեւը ծռած»:

Իսկ այժմ Ծաղկաձորի հրապուրիչ հրապարակի մէջ «թեւ»-ին պէտք է վերադարձնել «սէր»-ը, որպէսզի ան ամփոփէ մեզ ու պարփակէ բոլորիս սրտերը: Ի՛նչ գեղեցիկ են, կը մտածեմ, Լուդուիգ Դուրեանի խօսքերը. «Երանօրէն դու ինձ պահիր, մրգաբուրմունք թեւերիդ մէջ»: Նոյն բանաստեղծը չէ՞ր, որ գրի առած էր նաեւ «Ծաղկած բալենի»-ն: Տերեւն ու Սարինը կը վերադառնան.

– Պարո՛ն, կիթառահարը «սիրով կը նուագեմ» ըսաւ, եթէ երգը ծանօթ է իրեն:

– Կասկած չունիմ: Արթուր Մեսչեանի երգն է: Երթանք քովը: Ձեր դասընկերներն ալ կանչեցէք: Երբ երգը վերջանայ, հրաժեշտ կու տանք Ծաղկաձորին:

Ու կիրակնօրեայ իրիկնաժամուն ծոթրինաբոյր հրապարակի մէջ բոլորին պարուրել կը սկսի Մուշեղ Իշխանի քնքուշ խօսքերը.

«Երբ կը գրկես թեւերիդ մէջ դու հեշտագին,

Լուսամարմին եւ վարսագեղ սիրոյ հոգին»:

«Ակօս»


Հիմա Քոչարի՞, Թէ՞ Եալլը

$
0
0

ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԱԼՎՐՑԵԱՆ

Լրատուամիջոցներից տեղեկացանք, որ 2018 թ.  նոյեմբերի 28-ին հայկական ժողովրդական հանրայայտ պարը` քոչարին, որպէս Նախիջեւանի ազգային խմբակային պար, ընդգրկուել է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի անյապաղ պաշտպանութեան կարիք ունեցող ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկում (գրանցուել է եալլը անունով` փակագծում` քոչարի, թենզերէ. Yalli (Kochari, Tenzere), traditional group dances of Nakhchivan): Ինչպէս տեսնում ենք, այն գրանցուել է որպէս Նախիջեւանի աւանդական խմբային պար:

Հայկական կողմից առայժմ որեւէ արձագանգ չկայ` բացառութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեանի` «Հրապարակ»-ի հարցին տուած եւ ոչինչ չասող պատասխանը, թէ 2016 թուականից ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պաշտօնական կայքէջում քոչարին գրանցուած է որպէս հայկական պարատեսակ:

Նախ` քոչարին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի` մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքների ցանկում ընդգրկուել է 2017 թ. դեկտեմբերի 6-ին:

Երկրորդ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պաշտօնական կայքի տուեալներով, Ազրպէյճանի կողմից ներկայացուած յայտը ընթացքի մէջ է եղել 2017 թ. սեպտեմբերից: Սա նշանակում է, որ հայկական կողմը չէր կարող տեղեակ չլինել ազրպէյճանական նախաձեռնութեանը: Անշուշտ տեղեակ էր: Այդ դէպքում ինչպէ՞ս բացատրել, որ որպէս հայկական պար գրանցուած քոչարին Ազրպէյճանի դիմումով գրանցւում է որպէս Նախիջեւանի եալլը պար (պարզ է, որ փակագծում նշուած «քոչարի, թենզերէ» անունները համարուել են ոչ հիմնական եւ ապագայում դուրս են մնալու գործածութիւնից): Նոյնն է, թէ Հայաստանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նոյն ատեանին ներկայացնի կովկասեան յայտնի լեզգինկա պարը` որպէս Հայաստանում անհետացման վտանգի տակ գտնուող պար, իսկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն դա գրանցի: Սա հնարաւոր է միայն մէկ դէպքում, երբ Վրաստանը անտարբեր լինի այդ հարցում եւ չբողոքի կամ չներկայացնի իրականութիւնը: Կարծում եմ` այս դէպքում կատարուել է ճիշդ նոյնը:

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները նշում են, որ այս հարցում հիմնական դերակատար է եղել Ազրպէյճանի Առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւան: Ճիշդն ասած` ես Հայաստանի Առաջին տիկնոջից ակնկալիք չունեմ, թէ նա կը միջամտի այս խնդրին, քանզի սա հակասում է զէնքերից զարդեր ձուլելու նրա խաղաղասիրական նախաձեռնութեան տրամաբանութեանը: Ա՜յ, իսկ ռազմատենչ Ալիեւան դա արեց եւ դեռ շատ նման բաներ կ՛անի, քանզի Աննա Յակոբեանի եւ նրան ձայնակցող այլ հայ կանանց խաղաղասիրական նախաձեռնութեան օրերին նա յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան մասին խօսք չի կարող լինել, քանի դեռ զաւթիչ Հայաստանը չի վերադարձրել ազրպէյճանական գրաւեալ տարածքները:

Հարց. Հայկական կողմից ո՞վ պէտք է զբաղուէր այս խնդրով:

Նախարարութիւնների կամ պետական պաշտօնեաների գործառոյթներին ծանօթ չեմ, բայց կարծում եմ, որ այս հարցով պէտք էր զբաղուէր ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը` նախ` նախկին նախարարի, իսկ այսօր` սելֆին մշակութային արժէքի մակարդակի բարձրացրած մէկ այլ խաղաղասէր տիկնոջ` մշակոյթի նախարար Լ. Մակունցի գլխաւորութեամբ:

 

 

 

ԱԺ Ընտրութիւններու Թեկնածու, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան Անդամ Վանուշ Ահարոնեան

$
0
0

«ԵՐԿԻՐ»

Մրցունակ կրթութիւնն է արդար երկրի, զարգացող հասարակութեան գրաւականը: ՀՅԴ-ն, ի դէմս իր ուսանողական միութեան, նախանձախնդիր է կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտում առկայ խնդիրները լուծելու հարցում, ասւում է ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան նախընտրական փլաթֆորմում:

ՀՅ Դաշնակցութեան համամասնական եւ վարկանշային ցուցակով թեկնածու առաջադրուած` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ Վանուշ Ահարոնեանը ուսանողների հետ հանդիպման ժամանակ ներկայացրեց կուսակցութեան նախընտրական փլաթֆորմը, որից յետոյ կայացաւ փլաթֆորմի շուրջ զրոյց-քննարկում:

Ուսանողական միութեան ներկայացրած փլաթֆորմը, որում ներկայացւում է, թէ ՀՅԴ-ն ի՛նչ փոփոխութիւններ է նախատեսում ուսանողների կեանքում, գրեթէ չի տարբերւում դեռեւս անցած խորհրդարանական ընտրութիւնների ժամանակ ներկայացուած փլաթֆորմից:

«Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան գրասենեակում կայացած հանդիպման ընթացքում շեշտուեց, որ փլաթֆորմում ներկայացուած բոլոր կէտերն այսօր արդիական են եւ հրատապ լուծում են պահանջում, քանի որ կրթութիւնը երկրի անվտանգութեան կարեւորագոյն խնդիրներից մէկն է, եւ կրթութեամբ է պայմանաւորւում այլ ոլորտների ճիշդ կառավարումը:

Փլաթֆորմի հիմնական կէտերն են`

1.- Կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտի պետական ֆինանսաւորումը հասցնել ՀՆԱ-ի 4%-ի,

2.- Ուսումնական հաստատութիւնների կրթական ծրագրերը եւ մասնագիտութիւնների բաշխումը կապակցել տնտեսութեան կարիքների ու աշխատաշուկայի պահանջների հետ,

3.- Պետութեան համար ռազմավարական ոլորտներում անհրաժեշտ մասնագիտութիւններով սովորող ուսանողների կրթութիւնը դարձնել անվճար,

4.- Պարտադիր զինուորական ծառայութեան մարտական հերթափոխ անցած եւ երեխայ ունեցող ուսանողներին ազատել ուսման վարձից,

5.- Երիտասարդ ընտանիքներին ապահովել ընկերային բնակարանաշինութեան մատչելի ծրագրերից օգտուելու հնարաւորութեամբ:

Փլաթֆորմը ներկայացնելիս դաշնակցական թեկնածու Վանուշ Ահարոնեանը շեշտեց, որ բոլոր բարեփոխումներն իրականացնելիս պէտք է հաւատարիմ մնալ սկզբունքներին:

Քննարկման ընթացքում դաշնակցական թեկնածուն նաեւ առանձնապէս կարեւորեց երիտասարդ ուսանողների բնակարանային հարցն ու մարտական ծառայութիւններն անցած զինուորականների խնդիրը: Նրա խօսքով, այսօր մի շարք քաղաքական ուժեր փորձում են օգտուել առիթից եւ այս խնդիրը դարձնում են իրենց օրակարգային հարցը, մինչդեռ նախկինում այդպէս չի եղել, եւ եթէ այդ խնդիրը լաւ ուսումնասիրեն, կը տեսնեն, որ ՀՅԴ-ն դեռեւս վաղուց բարձրացրել է:

 

 

Բարի Լոյս 38. 128 Տարի…Միասին

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ուրբաթ, 7 դեկտեմբերին,  ժողովրդային տօնակատարութեամբ պիտի նշենք ՀՅ Դաշնակցութեան 128-ամեակը, իսկ կիրակի, 9 դեկտեմբերին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց պիտի յարգենք դաշնակցական նահատակներուն եւ նուիրեալներուն յիշատակը, վերանորոգենք մեր ուխտը եւ ներկայ գտնուինք հոգեհանգստեան արարողութեան:

ՀՅ Դաշնակցութեան օրուան նշումը հանդէս եւ գեղարուեստական ներկայացում չէ, ո՛չ ալ Դաշնակցութեան կատարած գործը գնահատելու ու դաշնակցականը մեծարելու տօն: Ան խորունկ պատգամ եւ իմաստ պարփակող եզակի առիթ մըն է, երբ Դաշնակցութիւնը կը կատարէ իր գործունէութեան տարեկան հաշուետուութիւնը իր ժողովուրդին դիմաց, կը յստակացնէ մեր ազգային ու հաւաքական մարտահրաւէրները եւ անոնց լուծման ու դիմակայման համար իր պատկերացումները եւ կազմած ծրագիրները կը կիսէ ի՛ր ժողովուրդին հետ:

Կը նշենք ՀՅ Դաշնակցութեան 128-ամեակը հայութեան ու Հայաստանի համար բախտորոշ մէկ փուլի նախօրեակին: 9 դեկտեմբերին տեղի կ՛ունենան Հայաստանի Ազգային ժողովի կանխահաս ընտրութիւնները, եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը մասնակցի այս ընտրութիւններուն իր առանձին ցուցակով ու «Հաւատարիմ հողին ու հային» նշանաբանով կը ներկայանայ ժողովուրդին: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին եւ կազմակերպութեան իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են մեր համահայկական կառոյցի բոլոր շրջանները, եւ այս ծիրին մէջ, ինչպէս մի՛շտ, այս պարագային եւս Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը իր բոլոր կարելիութիւնները եւ զօրակցութիւնը ի սպաս դրած է հայրենի կազմակերպութեան` այս կարեւոր աշխատանքին ու առաքելութեան յաջողութեան համար:

Կը նշենք  Դաշնակցութեան 128-ամեակը եզրափակելով կարեւոր  տարի մը, որուն ընթացքին նշեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը: 100-ամեակը ստացաւ համահայկական արժեւորում, եւ վերջապէս Արամ Մանուկեանի արձանը կանգնեցաւ քաղաքամայր Երեւանի կարեւոր մէկ դիրքին վրայ, ոչ շատ հեռու այն դիրքէն, ուրկէ հնչած էր Արամի` Երեւանը բոլոր միջոցներով չդատարկելու պատմական որոշումը: Անշուշտ տակաւին արդարօրէն ակնկալելի է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան ունեցած վճռական դերակատարութիւնը իր ամբողջական ու վաւերական գնահատանքը գտնէ հայրենիքի մէջ:

Այս նշանակալից թուականի կողքին Դաշնակցութեան երկու ուղեկից կազմակերպութիւնները նշեցին նաեւ իրենց հիմնադրութեան տարեդարձները: ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը փառահեղ հանդիսութիւններով եւ նախաձեռնութիւններով հայրենիքի ու գաղութներուն մէջ նշեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը, եւ այդ հանդիսութիւնները տակաւին իրենց լրումին չեն հասած: Իսկ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը նոյնպէս արժանավայել կերպով նշեց իր հիմնադրութեան 90-ամեակը` դարձեալ անոր մեկնարկը կատարելով հայրենիքէն:

Գաղութային մակարդակի վրայ մայիսին տեղի ունեցան Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները, եւ Դաշնակցութիւնը, ժողովուրդին անվերապահ նեցուկով, քաղաքական-ընտրական ու կազմակերպական ծաւալուն աշխատանքով, ճիգ չխնայեց հայ համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, եւ այդ աշխատանքը արդիւնաւորուեցաւ ու յաջողութեամբ աւարտեցաւ: Հակառակ առկայ բազմաթիւ դժուարութիւններուն, մենք հաւաքաբար պատուով ու յաղթանակով դուրս եկանք երեսփոխանական ընտրութիւններէն: Ընտրութիւններու արդիւնքին լոյսին տակ ստեղծուած ուժերու նոր հաւասարակշռութիւնը, վերջին շրջանին կառավարութեան կազմութեան գծով ստեղծուած նոր թնճուկը, քաղաքական անկայունութիւնը եւ տնտեսական ճգնաժամը կը փոթորկեցնեն համայնքային կեանքն ու կը ստեղծեն շփոթ, մտահոգութիւն եւ տեղ մը նաե՛ւ յուսալքութիւն: Այս բոլոր դժուարութիւնները կ՛անդրադառնան նաեւ մեր հաւաքական կեանքի բոլոր բնագաւառներուն եւ կառոյցներու գործունէութեան: Այսուհանդերձ, գաղութային կեանքը կը շարունակէ պահել իր կենսունակութիւնը:

Վերջապէս, տարին յատկանշուեցաւ նաեւ հայրենիքին մէջ թէ դուրս ծաւալած հակադաշնակցական նոր տեսակի պայքարով եւ այդ պայքարը կը շարունակուի: Օգտագործելով արդի արհեստագիտական մեթոտները, ընկերային ցանցերը եւ ընդհանրապէս մամուլը, մենք, դարձեա՛լ,  ականատես ու ականջալուր դարձանք Դաշնակցութիւնը վարկաբեկելու, անոր կատարած գործը նսեմացնելու եւ մանաւանդ անոր մէկութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելու հնամենի ու հնամաշ փորձերու, որոնք սակայն ստացան նոյն հատու ու վճռական պատասխանը, եւ անգամ մը եւս պայքարը շղթայազերծողները դարձան յուսախաբ:

Այս բոլոր հիմնախնդիրներուն հետ առնչուելու ու միասնաբար անոնց մասին խորհրդածելու առիթ է Դաշնակցութեան օրը: Ժողովուրդին հաշուետու զգալու եւ իբրեւ այդպիսին անկեղծօրէն  ներկայանալու դաշնակցական այս աւանդը մի՛շտ ալ հարստացուցած է Դաշնակցութեան գործն ու խօսքը եւ ընդարձակած անոր աշխատանքն ու պայքարը: Հետեւաբար, 7 դեկտեմբերին հանդիպումը նորէ՛ն պիտի ծառայէ միեւնոյն նպատակին, որպէսզի աւելի ծաւալի դաշնակցական գործը`  ի խնդիր մեր ազգային հաւաքական իտէալներու իրականացման:

Այո՛, մենք դարձեալ միասին ենք` ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար:

 

 

Խմբագրական. Ընտրական Վարքագիծի Ուղին` Դէպի Պետականակայացում

$
0
0

Պետականաշինութեան եւ պետականակայացման գործընթացներուն մէջ ընտրութիւնները ըստ էութեան հիմնական գործօն կը հանդիսանան: Ընտրութիւնները կամ ընտրական մշակոյթը ընդհանրապէս բնականաբար սոսկ քուէարկութեան թափանցիկութեամբ չեն սահմանափակուած: Նախընտրական փուլը, ներկայացուող ծրագիրները, գաղափարական հարթութեան վրայ ծաւալած բանավէճերը, օգտագործուած բառապաշարը, յետընտրական ժամանակաշրջանին համար գետին կը պատրաստեն` իշխանութիւն-ընդդիմութիւն կամ առհասարակ պետութիւն-հասարակութիւն անջրպետներու գոյառման բացառումով:

Դաշնակցութիւնը, իբրեւ պետականակերտ կուսակցութիւն, իբրեւ հանրապետութեան հիմնադիր եւ արցախեան պետութեան կերտման ակունքներուն կանգնած կուսակցութիւն, թէ՛ 100 եւ թէ՛ 27 տարի առաջ ժողովրդավար հիմունքներով ստեղծուած պետութիւններուն  եւ համապատասխան կառոյցներու ձեւաւորման եղանակներուն տուած է յատուկ նշանակութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած զանազան գիտաժողովները, գիտահետազօտական աշխատանքներու ներկայացումները`  պատերազմական պայմաններու, անձեւ քաոսներու մէջ  գոյացած խորհրդարաններու ժողովրդավարական կարգերու յարգումը, բազմակուսակցական խորհրդարան ունենալու փաստը, միայն պարտադիր հանգամանքներու մէջ արտակարգ դրութեամբ միակուսակցական ժամանակաւոր դրոյթի հաստատումը, պատմական փաստեր են:

Ժամանակակից պատերազմական պայմաններու մէջ ռազմաճակատներէն խորհրդարան անցումի ժողովրդավարական բնոյթը, Արցախի մէջ առաջին խորհրդարանի կազմութեան եղանակը, Արցախի Գերագոյն խորհուրդի դաշնակցական նախագահի ընտրութիւնը, ինքնորոշման իրաւունքի միջազգայնօրէն ընդունուած կարգի` հանրաքուէի կազմակերպման մէջ Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութիւնը եւս  փաստացի օրինակներ են:

Այնուհետեւ երկու հանրապետութիւններուն տարբեր փուլերու բոլոր ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան հետեւողական վարքագիծի դրսեւորումը` ընտրութիւններուն անկաշառ մասնակցութիւնը, ապահոված գաղափարականութեան շեշտերը, քաղաքակիրթ բանավէճերու մասնակցութիւնը, բոլո՛ր փուլերուն Դաշնակցութեան կողմէ ընտրական ծրագիրի մշակումն ու հրապարակումը, ուր համաչափ ներկայացուած են ազգային- համահայկական  խնդիրները, արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները, ներքին ընկերային օրակարգերը, արտահոսքի կշռոյթներու դանդաղեցման նպաստող ծրագիրները, աղքատութեան յաղթահարման համար որդեգրելի փուլային միջոցները:

Հասկնալի է, որ զանգուածներուն մօտ քուէահաւաքի աշխատանքը զուտ գաղափարականութեամբ ակնկալուած արդիւնքը չ՛ունենար: Նման փուլերու կայ ժողովրդահաճոյախօսութիւնն ու գաղափարականութիւնը համատեղելու խնդիր, որ միշտ յաջող կերպով չ՛իրագործուիր:

Պետականաշինութիւնը սակայն դրական լիցք ու գործնական ազդակ կը ստանայ ընտրարշաւներու ընթացքին ներկայացուող երկրորդ բաղադրիչով` գաղափարականութեամբ:

Եթէ պետական մարդոցմէ եւ քաղաքական գործիչներէն կ՛ակնկալուի սառնասիրտ դատողութիւն, ապա այս պարագային նման մօտեցում կ՛ակնկալուի նաեւ հասարակութենէն ծրագրային դրոյթներու ներկայացման պահանջի առարկայացումով:

Այլ խօսքով` նախկինը մերժելու, բայց նաեւ վաղուանը ցոյց տուող ճանապարհներու լուսաւորումը: Այդ ճանապարհներու ընտրութիւնն է, որ պիտի կատարէ քաղաքացին իր խնդիրներու ոչ թէ հետեւանքները վերացնելու, այլ` պատճառները հիմնովին վերափոխելու համար:

Պատճառահետեւանքային հիմնադրոյթներ ներառած ծրագիրներն են, որոնք հաստատապէս կրնան նպաստել պետականակայացման աշխատանքներուն: Դաշնակցութեան ընտրական վարքագիծը այս առումով վաստակած է հետեւողականութիւն` հանրապետութեան հիմնադրութեան ժամանակներէն:

Անդրադարձ. Սփիւռքահայ Զբօսաշրջիկը, Երեւանի Կենդանաբանական Այգին Եւ Իւրայատուկ Սրճարանը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Երեւան քաղաքի բազում հետաքրքրական զբօսավայրերէն մէկն է Երեւանի կենդանաբանական այգին (պարտէզ)` հիմնուած 1940-ին (1): Այգին կը գտնուի Հանրապետութեան հրապարակէն (կեդրոն) շուրջ 4 քմ դէպի հիւսիս- արեւելք` Նորք համայնքի շրջան, Միասնիկեան պողոտայի վրայ, թիւ 20, աջին, ունի 35 հեկտար տարածութիւն (350 հազար քառ. մեթր), որ միջազգային չափանիշներով փոքր կը նկատուի: Պէտք է նշել, որ այգիի պատսպարեալներուն մէջ մեծ է թիւը հայկական աշխարհի բնիկ կենդանիներուն, թռչուններուն եւ սողուններուն:

Երեւանի կենդանաբանական այգիին համայնապատկերը

Այգի այցելութեան ժամերն են` 10:00-22:00, բացի երկուշաբթիէն` 11:00-22:00: Մուտքի գիները բաժնուած են ըստ տարիքի եւ շաբթուան օրուան. չափահասներուն համար հինգշաբթի` 600 դրամ, փոքրերուն` 200, աշխատանքի միւս օրերուն` 800 դրամ, փոքրերուն` 500, շաբաթ եւ կիրակի` 1200 դրամ, փոքրերուն` 600: Կարելի է օգտուիլ առաջնորդողներու վճարովի ծառայութենէն, նաեւ` ներքին շրջագայութեան յատուկ հանրակառքերէն: Այգիին մէջ կարելի է հետիոտն շրջագայիլ շուրջ 1000 մեթր ասֆալթապատ ճամբաներէն եւ շուրջ 500 մեթր արահետներէն: Բոլոր անասունները տեսնելու համար պէտք է նկատի առնել, երթ ու դարձով, շուրջ 3 հազար մեթր շրջագայութիւն (ըստ «Կուկըլ» քարտէսին): Հանգիստի համար նստարաններ տեղադրուած են, եւ կայ մէկ սրճարան-ճաշարան եւ մեզի համար հետաքրքրական դարձած սրճարան մը, որուն պիտի անդրադառնամ նաեւ յուշանուէրներու եւ որոշ անասուններու համար արտօնուած, օրինակ` բադերու, կերի խանութ: Հետաքրքրուողը կրնայ 2-էն 4 ժամ, կամ աւելի շրջագայիլ:

Չորեքշաբթի, 26 օգոստոս 2015-ին այս իւրայատուկ եւ հետաքրքրական այցելութիւնը կատարելու առիթը ունեցայ կնոջս հետ, այդ օրը այցելուներուն թիւը մեծ չէր: Այժմ` երեք տարի անց, ըստ այգիի կայքէջին եւ լրատուամիջոցներուն, շատ մը փոփոխութիւններ եւ բարեկարգումներ կատարուած են, թէ՛ անասուններուն թիւը եւ թէ՛ տեսակները աւելցած են շուրջ 2750 անասուն,  տեսակ` 204 նաեւ, անոնց միջավայրը աւելի յարմարաւէտ դարձած է եւ` համացանցային տեղեկատուական լսատեսողական սարքեր տեղադրուած:

Այն ժամանակ այգիին յատուկ քարտէսով բացիկ կամ գրքոյկ չկար, որ ցոյց կու տար անասուններուն տեսակները եւ այգիին մէջ անոնց գտնուած վայրերը: Չեմ գիտեր, եթէ այժմ այդպիսի օգտակար, առ նուազն, քարտէսով բացիկ մը տրամադրելի՞ է այցելուներուն` ձրի կամ վճարովի:

Այգիի անդրկովկասեան` հայկական գորշ արջերը եւ անոնց ու այլ գազաններու դիմադրող (այգիէն դուրս) հայկական հսկայ գամփռ շան նմուշ մը:

Այգիի մուտքին, աջէն բարձրանալով, նախ կը հանդիպինք առաջին համեմատաբար ընդարձակ բնական արգելարանին, ուր կը գտնուին անդրկովկասեան գորշ արջեր, որոնց տեսակին կը հանդիպինք Հայաստանի` Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Կոտայքի, Արարատի եւ Տաւուշի մարզերու անտառներուն, ժայռերու եւ կիրճերու քարակոյտերուն շուրջ ու քարայրներուն եւ թփուտներուն մէջ:

Շարունակելով շրջագայութիւնը` կը հասնինք գեղեցիկ լճակով հրապարակ մը, ուր կը գտնենք բադեր ու կարապներ, ջրային այլ թռչնազգիներ, արագիլներ, որոնց մէջ աչքառու են յատուկ քալուածքով, զուարճալի կռնչան բադերը, որոնք հաւատարիմ իրենց անուան` անդադար կը կռկռան, որքան ալ կեր նետես անոնց: Քիչ անդին գիշատիչ թռչուններու հսկայ վանդակն է, ուր կը տեսնենք հայկական անգղ, արծիւ, քարարծիւ, բազէ եւ այլն:

Այս բաժինէն անդին` առանձին ենք. շարունակելով` կը հասնինք կոկորդիլոսներու ապակիով բաժնուած արգելարանը, ուր այդ պահուն խնամող պաշտօնեան մաքրութիւն կը կատարէր: Երկար դիտելէ ետք, երկու երկակենցաղներէն ոչ մէկ շարժում նկատեցինք. կասկածելով, որ կեղծ էին, խնամողին հարց տուինք, թէ արդեօք իրակա՞ն էին անոնք. «Պա ո՞նց, էստեղ թանգարան չի, կենդանաբանական այգի է» քիչ մը բարկութեամբ պատասխանեց եւ աւելով քրքրեց կոկորդիլոսը, որ բարեհաճեցաւ շարժիլ: Յստակ է, որ կոկորդիլոսներուն յատուկ որսալու ռազմավարութեան ականատես եղած էինք, երբ որսը մեզի նման կը խաբուի ու կը մօտենայ «որսորդին»:

«Սառած» կոկորդիլոսները, խնամողը ու վանդակէ դուրս «Փողոց»-ի կատուներուն եռանդամ ընտանիքը

Զուգադիպօրէն, այդ տարին, սկսելով օդակայանի վարձակառքերու վարորդներէն, գրեթէ բոլորին խօսակցութեան նիւթն էր որոշ խաւի մը նոր ճաշատեսակը` կոկորդիլոսի միսը, որուն քիլոկրամը կ՛ըսէին կ՛արժէր, 500-700 տոլար…

Քիչ անդին ներկայացուած էին գեղեցիկ փետուրներով եւ կատարներով թռչուններ` սիրամարգ եւ այլն, ոզնիի տեսակներ, ապա` այլ գիշատիչ թռչուններ: Հաճելի անակնկալ էր այս վանդակներէն մէկուն դուրսը, մեր ոտքերուն մօտ գտնուող սովորական կատուներուն ընտանիքը` մայր եւ երկու ձագեր, որոնք թէեւ այգիի պաշտօնական ցուցակին մաս չէին կազմեր, սակայն անոնք իրենք զիրենք կը ցուցադրէին, կարծէք` ըսելով. «Մե՛նք ալ կենդանի ենք»:

Կը շարունակենք պտոյտը, ընդհանրապէս` նայուածքնիս դէպի վար, ուր կը գտնուէին վանդակները եւ անասունները, երբեմն` ճամբէն ցած. ապա շարունակելով շրջագայութիւնը դէպի ձախ` ճամբան անել էր, եւ դիմացնիս կը յայտնուի հնամենի բնակարանի մը ետեւի կողմը:

Յանկարծ տարօրինակ նախազգացումով մը նայուածքս կ՛ուղղեմ վեր ու պահ մը ահազանգի կը մատնուիմ. հազիւ երեք մեթր անդին ու երեք մեթր բարձրութեան վրայ, տան պատշգամին անշարժ նստած էր, առաջին ակնարկով` կարծես վանդակէն փախած առիւծի կորիւն մը, որ խի՛ստ նայուածքով մեզ կը դիտէր: Սթափելէ ետք հասկցայ, որ մեզ աչալուրջ քննողը շուներու թագաւոր, որոնց մասին կարդացած էի, առիւծի բաշերով, առայժմ անվնաս, հայկական գամփռ շուն մըն էր: Այս գամփռն ալ, կատուներուն նման, այգիի ցուցակէն դուրս` ինքզինք կը ցուցադրէր:

Այգիին «պահակը»` հայկական գամփռը եւ շուներուն թագաւոր` հայկական այլ գամփռ մը

Քիչ ետք անակնկալ կերպով թեթեւ անձրեւ մը սկսաւ ու փնտռելով պատսպարան մը` նկատեցինք շուրջ հարիւր մեթր անդին, քիչ մը բարձրութեան վրայ ծառ մը եւ տակը նստարաններ: Հասանք այնտեղ, որ տան մը առջեւ, քանի մը սեղաններով սրճարանի նման վայր մըն էր, որուն վերեւը տասնեակ մը լոյսերու ցանց մը կար: Այս տեղին մասին որեւէ վահանակ կամ գրութիւն չնկատեցինք, նստանք ծառին տակ գտնուող սեղանին շուրջ: Օգոստոս ամսուան մէջ 40 աստիճանի հասնող տաքին` պատրաստուած չէինք անձրեւին, որ սկսաւ սաստկանալ եւ ծառին հովանին բաւարար չեղաւ մեզ անձրեւէն բոլորովին պաշտպանելու:

Այդ պահուն տան դուռը բացուեցաւ, ու մարդ մը մեզ ներս հրաւիրեց. նախ կարծելով, որ անձնական բնակարան մըն էր, քաղաքավարութեամբ դժկամեցանք ընդառաջել, սակայն իր պնդումին վրայ քանի մը աստիճան բարձրանալով` ներս մտանք: Բարձր առաստաղով, պատերէն կախուած հետաքրքրական հայկական հին իրերով եւ նկարներով, միջակ չափի սենեակ մըն էր` քանի մը իւրայատուկ ձեռակերտ  սեղաններով եւ աթոռներով: Յստակացաւ, որ փոքր սրճարան-ճաշարանի մը մէջ էինք, ուր տէր եւ տիկին կը սպասարկէին, ուստի հայկական սուրճ ապսպրեցինք:

Պարոն Խոսրովը (մոռցած ըլլալով իր անունը` այդպէս պիտի կոչեմ զինք, քանի կը յիշեմ, որ պատմական անուն մը ունէր) բերաւ սուրճը` իւրայատուկ կաւէ գաւաթներու մէջ, իրենց իւրայատուկ ամաններով եւ նոյնպիսի ամանով մը անուշեղէն: Կինս` սուրճի գաւաթի արուեստաճանաչ, հարցուց, թէ ուրկէ՞ ձեռք բերած էր այս խեցիէ գաւաթները: Պարոն Խոսրովին աչքերը փայլեցան ու սկիզբ առաւ այգիին չափ հետաքրքրական մեր զրոյցը: Ըսաւ, որ իւրաքանչիւր կաւէ գաւաթի եւ պնակի վրայ գծուած են Հայաստանի քարայրներուն եւ ժայռերուն վրայ յայտնաբերուած հնադարեան որմանկարներէն եւ փորագրութիւններէն կենդանակերպերու նմուշներ, նաեւ` տալով պատմական տեղեկութիւններ:

Պարիս Հերունի եւ Քարահունջէն բաժին մը Արենիի քարայրը եւ 5500 տարեկան կօշիկը

Այս նիւթին առնչակից` յաջորդեց Արենիի քարայրերէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած 5500 տարեկան աշխարհի հնագոյն կաշիէ կօշիկին (2) եւ հնագոյն գինեգործութեան պեղումներուն մասին իր տեղեկութիւնները, որմէ անցնելով` հասանք Արենիէն ոչ հեռու` 7500-էն 14.000 տարուան հնութիւն ունեցող աստղադիտարանին` Քարահունջին կամ «Զօրաց քարեր»-ուն եւ անոնց մասին իր տեսութիւններուն (3):

Ըստ երեւոյթին, բնագիտութեան գիտնական, ռատիօ-աստղագէտ Պարիս Հերունիի (4) (1933-2008) ջերմեռանդ հետեւորդներէն ես, ըսի. ուրախացաւ: Այստեղ յիշեցի զուարճախօս ծանօթներէս մէկուն արտայայտութիւնը, երբ տարիներ առաջ Պարիս Հերունիի հեռատեսիլի ելոյթներէն մէկուն յաջորդող օրը ինծի ըսաւ. «Գիտե՞ս Քարահունջի պեղումներուն ընթացքին հազարամեայ բջիջային հեռաձայն մը յայտնաբերած են…», ակնարկելով Հերունիի չափազանցելու սովորութեան: Իսկապէս, սակայն, բազմագէտ ու ժրաջան հետազօտող էր Հերունին, ան հայոց պատմութիւնը փաստերով ներկայացուցած է իր գիտական նուաճումներով, միշտ գիւտարար հայ միտքը գերադասելով` իբրեւ ռահվիրայ աշխարհի բազմաթիւ բնագաւառներուն մէջ:

Մոռցած էինք անձրեւը եւ մեր զրոյցը հասաւ այլամոլորակային  հաւանական բնակիչներուն, անոնց թռչող սկաւառակներուն, ամերիկեան ցամաքամասը իսկապէս առաջին անգամ յայտնաբերողներուն եւ «անջրպետէն հսկայ եկուորներուն», որոնք ենթադրաբար կառուցեցին Եգիպտոսի եւ Հարաւային Ամերիկայի բուրգերը եւ Քարահունջը ու անոր նմանող Անգլիոյ աւելի արդի Սթոն Հենճը եւ այլն…

Հայկական վտանգուած մուֆլոն այծը                                         եւ հարաւամերիկեան այծուղտի ձագը

Ըստ երեւոյթին, կարդացած ես Էրիք Վոն Տանիքենի (1935) (5) գիտա-առասպելական խիստ հետաքրքրական 87 վէպերէն, որոնցմէ տասնեակէ մը աւելին կարդացած էի 1960-70-ական թուականներուն, ըսի, եւ համաձայնեցանք, որ անոնք հաւանական տեսութիւններէ անդին չեն անցնիր: Թէեւ նորվեկիացի Թոր Հայերտահլի (1914-2002) 1947-ի «Քոն-Թիքի» արշաւախումբը նախնական միջոցներով եղէգէ շինուած լաստով մը Խաղաղական ովկիանոսը կտրեց` Փերուէն հասնելով Փելոփոնեզեան կղզիներ (6), ապա 1969-ին հին եգիպտական նկարներու օրինակով,  պապիրուս եղէգէ շինուած «Րա» նաւով փորձեց Ատլանտեանը ճեղքել` Մարոքէն Ամերիկա հասնելու համար եւ վերջապէս 1970-ին` «Րա2»-ով յաջողեցաւ Պարպատոս հասնիլ (7)` փաստելով հաւանականութիւնը, որ Քոլոմպոսէն շատ առաջ ամերիկեան ցամաքամասը յայտնաբերուած էր:

Անձրեւը արդէն դադրած էր, շնորհակալութեամբ հրաժեշտ տուինք պարոն Խոսրովին` շատ հետաքրքրական զրոյցին համար, որ բնա՛ւ ապրուստի կամ այլ հարցերու մասին չգանգատեցաւ եւ շարունակեցինք մեր շրջագայութիւնը` ամբողջացնելով իսկապէս հաճելի ու հետաքրքրական օր մը:

30 հոկտեմբեր 2018

————————-

(1)  http://www.yerevanzoo.am/index.php?id=138&L=1
(2)  https://en.wikipedia.org/wiki/Areni-1_shoe
(3)  https://hy.wikipedia.org/wiki/Քարահունջ
(4)  https://hy.wikipedia.org/wiki/Պարիս_Հերունի
(5)  https://en.wikipedia.org/wiki/Erich_von_D%C3%A4niken
(6)  https://en.wikipedia.org/wiki/Kon-Tiki_expedition
(7)  https://en.wikipedia.org/wiki/Thor_Heyerdahl#Boats_Ra_and_Ra_II

Պաքուն Ամերիկեան Մուրճի Եւ Իրանական Սալի Արանքում

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Եւ իրօք, մեր արեւելեան հարեւաններն իրենց համար ոչ այնքան հաճոյ հէնց այդ վիճակի մէջ կարող են յայտնուել Իրանի նկատմամբ ամերիկեան նոր պատժամիջոցների արդիւնքում, մարտահրաւէր, որը շատ աւելի վտանգաւոր է, քան Իլհամ Ալիեւի վարչախումբն այդ կապակցութեամբ կարող էր ենթադրել իր ընթացիկ ու հեռանկարային կռահումներում:

Իրանի նկատմամբ  Միացեալ Նահանգների սահմանած հերթական պատժամիջոցների փաթեթը, ինչպէս յայտնի է, ուժի մէջ է մտել վերջերս` նոյեմբերի 5-ին: Մինչ այդ Ուաշինկթընը միակողմանի կարգով դուրս էր եկել դեռեւս նախագահ Պարաք Օպամայի օրօք Իրանի հետ կնքուած միջուկային համաձայնագրից, իսկ աւելի վաղ «ահաբեկիչներին օգնելու, մարդու իրաւունքները խախտելու եւ բալիստրային հրթիռներ փորձարկելու համար» նոր պատժամիջոցներ էր սահմանել Իրանում, Լիբանանում, Չինաստանում, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններում տեղակայուած  12 ընկերութեան եւ 13 քաղաքացիական անձանց նկատմամբ: Պատժամիջոցների նոր փաթեթի միջոցով Ուաշինկթընը նպատակ ունի հասնել Իրանից նաւթի արտահանման լրիւ դադարեցմանը, հաշուի առնելով, որ արտահանուող կազի հետ միասին այդ ուժանիւթը բերում է երկրի եկամուտների առիւծի բաժինը: Յայտնի է նաեւ, որ ամերիկեան պատժամիջոցների նաւթային փաթեթն անմիջականօրէն չի վերաբերում Անդրկովկասի երկրներին, քանզի նրանցից եւ ոչ մէկն  իրանական նաւթ չի ներկրում: Բայց ահա, դրա փոխարէն` նրանցից իւրաքանչիւրն այս կամ այն չափով կախուած է իրանական բնական կազի մատակարարումներից: Ուստի պատժամիջոցները, թէկուզ եւ` շեղակի, այնուամենայնիւ, կ՛անդրադառնան նրանց վրայ, առաւել եւս, որ տակաւին անորոշ է, թէ առաջիկայում ինչ նոր բաղկացուցիչներով ու ծաւալներով  կարող է ընդլայնուել ամերիկեան արգելանքը:

Ամերիկեան «ԵւրասիաՆեթ» պարբերականի հեղինակ` կասպիական տարածաշրջանում ուժանիւթային հարցերով մասնագէտ եւ Ատլանտեան խորհրդի վերլուծաբան Ճոն Ռոպերծի  գնահատմամբ, ամերիկեան պատժամիջոցների պատճառով Հարաւային Կովկասի երկրներից առաւել բարդ կացութեան մէջ է յայտնուել Ազրպէյճանը, որը եւ անմշակ նաւթահումք եւ բնական կազ է արտահանում, ինչպէս նաեւ ժամանակ առ ժամանակ կազ է ներկրում Իրանից, որն ուղղորդւում է Նախիջեւան` վերջինիս ներքին սպառումն ապահովելու համար: Տակաւին ութ տարի առաջ` 2010թ., Պաքուն Անգարայի հետ  համաձայնագիր էր կնքել կազատար խողովակաշար ստեղծելու եւ նրա միջոցով կազը Թուրքիայից անմիջապէս Նախիջեւան փոխադրելու մասին: Բայց քանի որ խողովակաշարն առ այսօր կառուցուած չէ, ուստի Իրանի եւ Հայաստանի արանքում սեղմուած եւ ընդամէնը մի թիզ տարածքով Թուրքիային յարակցուող այդ ինքնավար հանրապետութիւնն ուղղակի կախուած է մնում իրանական կազի տարանցիկ մատակարարումներից:

Բացի այդ, վերջին տարիներս Ազրպէյճանն Իրանի տարածքով անցնող խողովակաշարով Թուրքմենստանից կազ է ընդունում Վրաստանին փոխանցելու եւ նրա ներքին սպառումն ապահովելու համար, որը, ինչպէս ենթադրւում է, այս տարի պէտք է Ազրպէյճանից ներկրի շուրջ 2,7 միլիառ խորանարդ մեթր «երկնագոյն վառելիք»: Սակայն, ինչպէս տեղեկացնում է Ազրպէյճանի պետական «ՍՈՔԱՐ» նաւթային ընկերութեան մամլոյ ծառայութիւնը, ներկայումս, շնորհիւ սեփական արտադրութեան ընդլայնման, դադարեցուած է Նախիջեւանի համար իրանական կազի ներկրումը:  Ընդ որում, այն դադարեցուել էր նախքան ամերիկեան պատժամիջոցների ընդունումը: Ի լրումն` «ՍՈՔԱՐ»-ը մօտակայ ժամանակներս չի նախատեսում դրամական վճարումներ ենթադրող  կազի տարանցիկ փոխադրման նոր գործարքներ Իրանի հետ` նաեւ Վրաստանի կարիքների համար, որոնք նախատեսւում է ապահովել Ազրպէյճանի պահեստարաններում կուտակուած բնական կազի պաշարների հաշուին: Այդ մասին Պաքուն, որպէս Ուաշինկթընի հետ համերաշխութեան արտայայտութիւն,  զեկուցել էր  նախագահ Թրամփի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրրդական Ճոն Պոլթընին` վերջերս նրա կատարած այցի ժամանակ: Իսկ վերջինս, ինչպէս յայտնի է, Հարաւային Կովկասի երկրներ էր  ժամանել` փորձելով Իրանի մեկուսացմանն ուղղուած Ուաշինկթընի ջանքերի համար աջակցութեան երաշխիքներ ստանալ տարածաշրջանի մայրաքաղաքներում, ինչը եւ, ակնյայտ է, Պաքուն հաճկատարի պէս շտապել է խոստանալ:

Գաղտնիք չէ, որ միջազգային տարաբնոյթ կնճիռների կապակցութեամբ Պաքուն եւ Անգարան սովորաբար, պատկերաւոր ասած, զուգանուագում են` առաջնորդուելով` «Մէկ ազգ` երկու պետութիւն» կարգախօսով: Բայց ահա կարծես թէ այս անգամ, Իրանի դէմ ամերիկեան նոր պատժամիջոցների պարագայում, թուրք-ազրպէյճանական զուգանուագը չի ստացւում: Ինչպէս հաղորդում է ազրպէյճանական ախար.ազ լրատուական կայքը, Թուրքիայի նախագահ Էրտողանը սուր քննադատութեան է ենթարկել Ուաշինկթընի այդ նոր որոշումը: «Մենք,- ասել  է նա,- ճիշդ չենք համարում պատժամիջոցները: Դա մի քայլ է, որը խախտում է համաշխարհային հաւասարակշռութիւնը: Այն հակասում է միջազգային իրաւունքին: Մենք չենք ուզում ապրել կայսերապաշտական աշխարհում»: Ընդ որում` թուրք առաջնորդն այդ մասին յայտարարել է այն բանից յետոյ, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն ճշդել է, որ Ուաշինկթընը նաւթային պատժամիջոցների ենթակայ պետութիւնների ցանկից, ի թիւս Չինաստանի, Հնդկաստանի, Իտալիայի, Յունաստանի, Ճափոնի, Հարաւային Քորէայի եւ Թայուանի,  ժամանակաւորապէս հանել է նաեւ Թուրքիային: Եւ դա` այն պարագայում, երբ Անգարան տարեկան 10 միլիառ խորանարդ մեթր կազ է գնում  Թեհրանից: Թէ ինչով է բացատրւում Էրտողանի այդ յոխորտանքը, կարծում եմ, դժուար չէ կռահել: Ըստ իս, այն պայմանաւորուած է ոչ միայն ամերիկեան պատժացուցակից  դուրս մնալու կարճ ժամկէտով` ընդամէնը 180 օր, ինչը խիստ սահմանափակում է հարեւան երկրից հետագայում եւս շարունակաբար բնական կազ ստանալու, ընդ որում` անորոշ ու անկանխատեսելի հեռանկարը, ինչը, բնականաբար, մտահոգում է պաշտօնական Անգարային: Բայց առկայ է նաեւ մետալի երկրորդ երեսը: Թեհրանի լիարժէք տնտեսական մեկուսացմանն ուղղուած  պատժամիջոցների հերթական ձեռնարկը, ինչին նախագահ Թրամփը կոչում է միանալ նաեւ իր թուրք գործընկերոջը,  նախագահ Էրտողանի համար, փաստօրէն, սակարկելու եւս մէկ պատեհ աղմկահարոյց առիթ է, որպէսզի Ուաշինկթընին ստիպի զիջել Փենսիլվանիայում ապաստանած իր նախկին համախոհ ու ներկայիս ոխերիմ թշնամի Ֆեթուլլահ Կիւլենին արտայանձնելու հարցում: Ընդ որում` ի լրումն սէուտցի լրագրող Ճամալ Խաշոկճիի սպանութեան կապակցութեամբ նրա բարձրացրած «տիեզերական» աղմուկի, որի համապատկերում կարելի է միայն բարեհոգի պատկերացնել ու եզրակացնել, թէ Թուրքիան առաւել, քան` աշխարհի մէկ այլ պետութիւն, խօսքի ու մամուլի բացարձակ ու համատարրած ազատութեան դրախտավայր է, որտեղ խօսք անգամ լինել չի կարող լրատմամիջոցների կամայական փակման, ընդդիմադիր լրագրողների անօրէն ձերբակալութիւնների, խոշտանգումների եւ, Աստուած մի՛ արասցէ, սպանութիւնների  եւ կամ, ինչպէս Պոլսի «Ակօս» հայկական թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան պարագայում էր, դրանք չբացայայտելու մասին: Մանաւանդ, Էրտողանի կառավարման օրօք, առանձնապէս 2016-ի յուլիսեան յեղաշրջման ձախողումից յետոյ: Սա, ի հարկէ, ի դէպ:

Ինչպէս յայտնի է, Ուաշինկթընը պատժամիջոցների ցանկից հանել է նաեւ «Կազի հարաւային միջանցք» նախագիծը, որով նախատեսւում է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիայի տարածքներով անցնող խողովակաշարային ենթակառուցուածքներ կառուցել` ազրպէյճանական կազը Եւրոպա փոխադրելու  համար: Նախագծի գլխաւոր բաղկացուցիչն է Կասպից ծովում գտնուող «Շահ տենիզ» հանքավայրը: Այն համարւում է բնական կազի միակ աղբիւրը վաղուց նախատեսուած եւ Եւրամիութեան աջակցութիւնը վայելող  այդ միջանցքի համար, որը կոչուած է նուազեցնել Եւրոպայի կախուածութիւնը ռուսաստանեան ուժանիւթի փոխադրամիջոցներից: Լինելով ազրպէյճանական կազի հիմնական հանքավայրը, այն մշակւում է բրիտանական «Պրիթիշ փեթրոլիում» նաւթային ընկերութեան  ղեկավարած ընկերութեան կողմից,  որտեղ իրենց շահաբաժիններն ունեն նաեւ ռուսաստանեան եւ իրանական նաւթային ընկերութիւնները: Մասնաւորապէս իրանական ՆԻՕՔ ընկերութեան շահաբաժինն այդ նախագծում կազմում է 10 տոկոս:

Հնարաւոր է, ինչպէս ենթադրում է մոսկովեան «Ռեկնում» լրատուական-վերլուծական կայքի մեկնաբան Սթանիսլաւ Թարասովը, հէնց այդ նախագծի ճակատագրի համար մտահոգութեան պատճառով է, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, ի տարբերութիւն իր թուրք գործընկերոջ,  հրաժարւում է հրապարակաւ քննադատել ամերիկացիներին: Քաղաքական վերլուծաբաններն այդ միտումը նկատել են համեմատաբար վերջերս: Բանն այն է, որ օգոստոսի կէսերին Աքթաուի (քաղաք` Ղազախստանում, Կասպից ծովի հիւսիս-արեւելեան ափին) Կասպիական գագաթնաժողովի շրջանակներում Իլհամ Ալիեւը  հանդիպել է իրանցի իր գործընկեր Հասան Ռուհանիի հետ: Ինչպէս այն ժամանակ հաղորդել է իրանական «Թասնիմ» գործակալութիւնը, պաշտօնական Պաքուն` ի դէմս  նախագահ Իլհամ Ալիեւի, դատապարտել է Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները: Ազրպէյճանի նախագահն այն ժամանակ առաւել քան կտրուկ էր` յայտարարելով, որ չի պաշտպանի Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները, քանզի դրանք չեն յանգեցնի հիմնախնդրի լուծմանը, այլ միայն էլ աւելի մեծ լարուածութիւն կ՛առաջացնեն տարածաշրջանում: Մինչդեռ ահա ազրպէյճանական «Ազերթաճ» պետական լրատուական գործակալութիւնը, մեկնաբանելով այդ բանակցութիւնները, սահմանափակուել է սոսկ յիշատակելով, որ Ազրպէյճանի եւ Իրանի կապերը յաջողութեամբ զարգանում են քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներում: «Այժմ ամէն ինչ այլ կերպ է եւ, ըստ երեւոյթին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփն Ալիեւին անկիւն է քշում», եզրականացնում է ռուսաստանցի քաղաքագէտը:

Այս առումով առկայ իրողութիւններն առաւել քան խօսուն են: Բացի վերը նշուած «Շահ տենիզ» հանքավայրից Պաքուն դեռեւս այս տարուայ մարտին Թեհրանի հետ պայմանագիր էր կնքել Կասպից ծովի եւս մի շարք այլ հանքավայրերի համատեղ մշակման վերաբերեալ, ինչը փաստօրէն հարցականի տակ է դրւում ամերիկեան արգելանքի պատճառով: «Խօսելով մեր տնտեսութեան վրայ այդ պատժամիջոցների ուղղակի ներգործութեան մասին,- ասում է ազրպէյճանցի տնտեսագէտ Նաթիկ Ճաֆարովը,- ես առաջին հերթին նկատի եմ առնում այն նախագծերը, որոնք Ազրպէյճանն իրականացնում է Իրանի հետ համատեղ: Դա գլխաւորապէս վերաբերում է «Հիւսիս-հարաւ» հաղորդակցութեան միջանցքի շինարարութեանը, որի հիմնական հովանաւորի դերում հանդէս է գալիս Պաքուն: Մենք արդէն 500 միլիոն տոլար ենք յատկացրել այդ նախագծի շրջանակներում նոր ուղիների վերակառուցման ու շինարարութեան համար: Բուն նախագիծը կարող է տուժել Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներից: Քանզի ամերիկեան պատժամիջոցների հիմնական կէտերից մէկն այլ երկրների հետ Իրանի առեւտրային կապերի զարգացմանը խոչընդոտելն է: Պատժամիջոցները  նոյն կերպ ուղղակիօրէն վերաբերում են «Մելլի Իրան» դրամատան, որի մասնաճիւղը գործում է նաեւ Ազրպէյճանի տարածքում: Այդ դրամատան աշխատանքը կարող է դադարեցուի առհասարակ: Բացի այդ` պատժամիջոցները կարող են վնասել նաեւ Նեֆթեչալայի (քաղաք եւ համանուն շրջանի վարչական կեդ

րոն` Կասպից ծովի ափին, Կուրի գետաբերանից 12 քմ դէպի հարաւ.-խմբ.) աւտոմեքենաշինական գործարանին, որի համար հիմնական նիւթերը բերւում են Իրանից»:

Ճաֆարովի ենթադրութեամբ, պաշտօնական Պաքուն փորձելու է հնարաւորինս բնականոն յարաբերութիւններ պահպանել Իրանի հետ, քայլեր որոնել առկայ համագործակցութիւնը շարունակելու համար: «Պէտք չէ մոռանալ,- ասում է նա,- որ Իրանը մեր հարաւային հարեւանն է եւ որոշակի ազդեցութիւն ունի Ազրպէյճանի, առանձնապէս մեր երկրի հարաւային տարածաշրջանների վրայ: Իսկ երբ այդ ամէնն անհնարին դառնայ, մենք լիովին կը միանանք Միացեալ Նահանգներու արգելանքային դրութեան»:

Իր հերթին նոյն եզրայանգմանն է հակուած նախկին ժողճակատային առաջնորդ, հանգուցեալ նախագահ Ապուլֆազ Էլճիպէյի (Ալիեւ) կառավարման օրօք Ազրպէյճանի ազգային անվտանգութեան փոխնախարար աշխատած Սուլհատտին Աքպերը` նշելով, որ` «Ընդհանուր առմամբ, ինչպէս ինձ թւում է, Ազրպէյճանը կառչելու է Թեհրանի հանդէպ արգելանքային դրութեան, այլապէս ամերիկացիները կ՛որոշեն պատժել մեզ»:

Քաղաքագէտ Սթանիսլավ Թարասովի գնահատմամբ. «Դատելով ըստ տեղեկատուական դաշտում առկայ միտումների, Ազրպէյճանը կարող է նկատելիօրէն հեռանայ Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան դաշինքից ու դառնայ Անդրկովկասում Իրանի դէմ դիմակայութեան գլխաւոր կեդրոնը»: Եւ իրօք, Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները կարող են կայուն բնոյթ ունենալ ու երկարաձգուել ժամանակային առումով: Ուաշինկթընի համար խնդիր է դարձած` հասնել Թեհրանի համաձայնութեանը` կնքելու նոր համաձայնագիր միջուկային ծրագրի առնչութեամբ, ընդ որում` համապատասխան պայմանաւորուածութիւններով հանդերձ եւ կամ  բանը յանգեցնել այդ երկրում վարչախմբի փոփոխութեանը: Պաքւում, ի հարկէ, քաջ գիտակցում են այդ կապակցութեամբ հնարաւոր ռիսքերը: Ազրպէյճանի փորձագիտական շրջանակներում շրջանառւում է այն գաղափարը, որ Թեհրանում յեղափոխութիւնը հազիւ թէ թաւշեայ եւ անարիւն լինի, ընդհակառակը, այն կարող է ամբողջ տարածաշրջանի համար վերածուել  աշխարհաքաղաքական փոթորկի: Միացեալ Նահանգներն արդէն կարողացել են Անգարային կապել Սիրիայի հետ, նախաձեռնել փախստականների զանգուածային հոսքը դէպի Թուրքիայ, իսկ այժմ Թուրքիայի դէմ խաղարկւում է քրտական խաղաքարտը: Նոյն կերպ Ուաշինկթընն Ազրպէյճանին կապելու է Իրանի հետ` սադրելով Պաքուին  ընդունել միլիոնաւոր փախստականների: Աւելի՛ն. Իրանի պառակտման ու մասնատման պարագայում չեն բացառւում Ազրպէյճանի եւ Իրանի ազգային փոքրամասնութիւնների վերազարթօնքի եւ այդ հենքի վրայ ազգային-ազատագրական պայքարի բռնկումները: Դրանք առաւել հաւանական են Իրանի հիւսիս-արեւմուտքում, այսպէս կոչուած` Հարաւային Ազրպէյճանում, որտեղ երկրի տիտղոսակիր ազգութեան ներկայացուցիչների` պարսիկների հետ համատեղ հոծ բնակչութիւն են կազմում ազրպէյճանցիները, թուրքմանները, քրտերը, թալիշները: Ընդ որում` առանձին քաղաքական վերլուծաբաններ հակուած են կարծելու, որ դեռեւս պարզ չէ, թէ  իրադարձութիւնների նման զարգացման պարագայում ո՛վ ո՞ւմ կը քաշի դէպի իրեն ու կը միացնի` Պաքո՞ւն Թաւրիզին, թէ՞ հակառակը: Նոյնը կարող է տեղի ունենալ նաեւ Ազրպէյճանի հարաւային տարածաշրջանում, որտեղ բնիկ թալիշները հազիւ թէ չմտածեն վերականգնելու Թալիշ-Մուղանեան հանրապետութիւնը, սակայն, ի տարբերութիւն 1993-ին ձախողուած փորձի, այս անգամ  ձգտելով մէկ ազգային պետութեան մէջ միաւորել Իրանի հետ սահմանային Աստարա գետի աջ ու ահեակ ափերի թալիշական հողերը: Միեւնոյն ժամանակ, կարելի է ենթադրել, ազգային-ազատագրական պայքարը մղուելու է ոչ միայն Թեհրանի եւ Պաքուի տիրապետութեան դէմ, այլեւ` նոյն այդ ազգային փոքրամասնութիւնների միջեւ` երկնքի տակ այս կամ այն ազգի կամ ազգութեան համար աւելի լայն ու արեւոտ տեղ ապահովելու մղումով: Ինչ խօսք, պէտք չէ բացառել համարժէք գործընթացները նաեւ Ազրպէյճանի հիւսիսում եւ հիւսիս-արեւելքում` լեզգիների, աւարների, ցախուրների, փատարների, վրացական ծագմամբ ինկիլոյների, ինչո՞ւ չէ` նաեւ Հիւսիսային Արցախի եւ աջափնեայ Կուրի հայկական պատմական հողերի պարագայում: Ըստ երեւոյթին, այս հեռանկարի տեսլականից է, որ նախկին ժողճակատային գործիչ, ներկայումս քաղաքագէտի քղամիդ հագած Սուլհատտին Աքպերը ստիպուած է սարսափահար խոստովանել, որ տարածաշրջանում տեսանելի ռազմական գործողութիւնները կարող են յանգեցնել անշրջելի գործընթացների:

Իսկ թէ ի՞նչ հեռանկար է այդ ամէնը խոստանում ամերիկեան մուրճի  եւ իրանական սալի արանքում յայտնուած  Ազրպէյճանին, կարծում եմ, դժուար չէ ենթադրել: Յամենայն դէպս Սթանիսլաւ Թարասովի եզրայանգմամբ, նման անելանելի իրավիճակում Պաքուի ցանկացած քայլ, ուղղուած լինի այն դէպի աջ կամ դէպի ձախ, ամէն դէպքում կարող է յանգեցնել առնուազն մասնակի, եթէ ոչ, ի հարկէ, ամբողջական  կորստի:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

 

Հաւատքի Եւ Յանձնառութեան Քուէն

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Կ՛ուզէ՞ք գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս ընտրուած են նախկին երեք նախագահներն ու երկու վարչապետները:

Անոնք ընտրուած են յուսահատութեան, մղձաւանջի, հոգեբանական անզօրութեան եւ բարոյալքութեան քուէներով: Անոնք չեն ընտրուած ազատ քաղաքացիի կամ արտայայտութեամբ: Անոնք չեն ընտրուած երկրի թռիչքը հոյակերտելու վճռակամութեամբ: Անոնք չեն ընտրուած երկրի ներքին եւ արտաքին սպառնալիքներուն հուժկու կորովով հակադարձելու կամքով: Անոնց շուրջ կազմուած եւ կազմուող «մեծամասնութիւնները» երկրին պարտուողականութիւնն է, որ կը խորհրդանշեն եւ կը մշտնջենաւորեն: Այդ խախուտ «մեծանասնութիւններուն» մէջ չկայ մեր ազգային հպարտութիւնը: Անոնք կը ներկայացնեն մեզի համար անընդունելի ներկայ իրավիճակը: Ներկայի անփոփոխ, անկերպարան, ամօթալի սթաթիւս քուոն:

Իմ սրտագին ցանկութիւնն է եւ կոչը, որ վաղը առաւօտ մեր հայրենիքի քաղաքացիները իջնեն քուէատուփ` իրենց հզօր կամքը դնելով պատմութեան նժարին վրայ եւ ընտրեն ազատ մտքով, ազատ ոգիով, ազատ կամքով: Տան իրենց քուէն կեանքը հիմնովին փոխելու հաստատակամութեամբ: Տան մարդու իրենց տեսակին եւ երկրի գերազանցութեա՛ն համար:

Այս երկիրը պիտի փոխուի, պիտի յեղափոխուի՛, որպէսզի ամէն հայ վերագտնէ իր հպարտութիւնը: Իմ կուսակցութիւնս այս արմատական առաջադրութիւնն է, որ դրած է երկրին առջեւ եւ այդ առաջադրութեամբ զօրաշարժի ենթարկած` բոլոր իր ուժերը երկրի եւ արտերկրի մէջ: Բարոյական այս հզօր պայմանագի՛րը` մեր ժողովուրդին եւ պատմութեան հետ: Հաւատքով եւ յանձնառութեա՛մբ:

Բարի՛ երթ բոլորին:

Ուաշինկթըն 30 նոյեմբեր, 2018


Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի

$
0
0

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 9 դեկտեմբերին, որուն նախապատրաստական աշխատանքներուն սկսած են ձեռնարկել Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ գործող գլխաւոր ուժերը, որոնց կարգին` նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, որ իր 22-րդ արտահերթ Գերագոյն ժողովով յայտնեց ընտրութիւններուն մասնակցելու մտադրութիւնը` առանձին ցուցակով, հիմնական նպատակ դնելով հայրենիքի ծառայութեան իր առաքելութիւնը որ ամրագրուած է իր նախընտրական ծրագրին մէջ` դրսեւորելով հաւատարմութիւն` ազգային ուղեգիծին, ամբողջական պաշտպանութիւն Արցախի Հանրապետութեան ու անոր արդար իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ` հայրենի բնակչութեան ընկերային ու տնտեսական արդարութեան պայքարի լրիւ իրականացում:

Մենք կը հաւատանք, որ «թաւշեայ յեղափոխութեան» յաջողութեամբ փակուեցաւ անցեալի այն տխուր էջը, որ հիմնուած էր փտածութեան եւ մենաշնորհներու կայացման վրայ, եւ կը յուսանք, որ նորընտիր Ազգային Ժողովը կը դառնայ խորհրդարանական համակարգի ժողովրդավարական այն ուժը, որ մէկ կողմէ կը հաստատէ երկրի օրէնքն ու արդարութիւնը, իսկ միւս կողմէ` կը հակակշռէ գործադիր մարմինին գործունէութիւնները` թերութիւններ արձանագրուելու պարագային:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր պատմութեան ընթացքին յաճախ գտնուած է հայրենիքին ու հայութեան սպառնացող վտանգներու եւ արտասովոր կացութիւններու դէմ հանդիման, բայց միշտ ալ իր մէջ գտած է այն ուժը, օգտուելով անցեալի սխալներէն, ինքնակազմակերպուելու, վերանորոգուելու եւ հայրենիքին ու հայութեան դրականօրէն ծառայելու դիրքին մէջ: Մեր այս ունեցած փորձառութեամբ, վստահ ենք, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կրնայ ի սպաս դնել Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի վերելքին ու ամրապնդել նոր Հայաստանի իրավիճակը` ժողովրդավար հիմունքներով:

Առ այդ, նկատի ունենալով խորհրդարանական համակարգի ձեւաւորումէն ետք տեղի ունենալիք ՀՀ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը` ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէն իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին ու անոր կատարելիք աշխատանքներուն եւ իր ամբողջ ուժն ու կարողականութիւնը ի սպաս կը դնէ, որ այս ընտրութիւնները պսակուին յաջողութեամբ` միշտ հիմնական նպատակ ունենալով Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական շահերը:

Միաժամանակ կոչ կ’ուղղենք Հայաստանի քաղաքացիներուն, որ չմնան դիտողի դերին մէջ, այլ ուղղուին քուէատուփեր եւ ժողովրդավարութիւնը պահելու կամքով իրենց ձայները տան իրենց խիղճին համեմատ` իրենց միտքերուն մէջ ունենալով աւելի քան դար մը աննահանջ հայ ժողովուրդի արդար պայքարին լծուած եւ «հողին ու հային» հաւատարիմ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ յարատեւօրէն կը գործէ հզօր հայրենիք կերտելու տեսլականի իրականացման ի խնդիր եւ միշտ պատրաստ է ծառայելու իր ժողովուրդին` անկախ ընտրութեան արդիւնքներէն:

ՀՅԴ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

 

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի

$
0
0

9 դեկտեմբեր 2018-ին տեղի պիտի ունենան ՀՀ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները, ընտրութիւններ, որոնք մեր հայրենիքը դէմ յանդիման կը դնեն պատմականօրէն վճռորոշ իրադարձութիւններու դիմաց: Խնդրոյ առարկայ են` Արցախի օրինական կարգավիճակն ու ապահովութիւնը, Հայաստանի ու հայութեան անվտանգութիւնը, հայրենիքին մէջ ընկերային արդարութեան հաստատման ու տնտեսական բարօրութեան եւ Հայաստանի ժողովուրդի բարեկեցութեան խնդիրները:

Մենք մեկնելով ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան կողմէ կատարուած գնահատականներէն ու հարցերու լուծման համար ներկայացուած ծրագիրներէն եւ համոզուած ըլլալով, որ ՀՅԴ կը մնայ ու կը գործէ որպէս արթուն պահակը մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին, այսօր մասնակցելով ՀՀ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն` ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութիւնը կը հաստատէ, որ իրեն վստահուած առաքելութեան տէրն է ու անոր դրօշակիրը:

Մենք յայտարարելով մեր զօրակցութիւնը ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան եւ անոր կողմէ առաջադրուած ՀՀ խորհրդարանական ընտրութիւններու թեկնածուներուն, կը հաստատենք, որ ՀՅԴ-ն մէկ է ե՛ւ հայրենիքի, ե՛ւ սփիւռքի մէջ:

ՀՅԴ-ն այդպէս էր նաեւ, երբ սուրիական տագնապը կը վտանգէր մեր ժողովուրդի գոյութիւնը: Սուրիահայերը առանձին չէին, որովհետեւ ՀՅԴ-ն իր համահայկական կառոյցներով, ամբողջական կարողութեամբ ու ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան անսակարկ մասնակցութեամբ թեւ ու թիկունք էր սուրիահայութեան:

Արդ, կոչ կ’ուղղենք հայրենաբնակ սուրիահայերուն` խիտ շարքերով մասնակցելու ՀՀ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն եւ քուէարկելով ՀՅԴ-ի օգտին` կատարելու իրենց պարտականութիւնը «հայուն ու հողին» հանդէպ:

ՀՅԴ ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

1 դեկտեմբեր 2018

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Կեդրոնական Եւրոպայի Կոմիտէի

$
0
0

Դեկտեմբեր 9-ին կայանալիք Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները անկիւնադարձային պիտի ըլլան հայ ժողովուրդի կեանքին, հայրենի զոյգ պետութիւններու անվտանգութեան ու կայունութեան եւ առհասարակ աշխարհաքաղաքական ռազմավարութիւններ գործադրելու իմաստով: Ընտրութիւններուն նախորդող ընտրական քարոզարշաւը, սակայն, ըստ երեւոյթին, այդքան ալ առողջ ու քաղաքական երթ եւ ժամանակակից չափանիշներով չ՛ընթանար:

Ամբոխավարութիւն յիշեցնող պայթիւնավտանգ յայտարարութիւնները, լոկ ուշադրութիւն եւ ընտրազանգուած գրաւելու մարմաջը, ինչպէս նաեւ ազգային անվտանգութեան նշանակութիւն ունեցող հաստատութիւններն ու արժէքները ընտրական ժամանակաւոր գործընթացներու մէջ ներգրաւելը անընդունելի եւ դատապարտելի են:

ՀՅԴ Կեդրոնական Եւրոպայի կոմիտէն քաջ կը հաւատայ, որ հայ մարդու եւ հողին (պետութեան) անվտանգութիւն ու արժանապատուութիւնը վեր են ժամանակաւոր ընտրական գործընթացներէն եւ նոյնիսկ` ընտրութիւններուն յաղթութիւն ապահովելիք իշխանութիւններէն, իսկ հաւատարմութիւնը հայ մարդուն եւ հողին` նուազագոյն պարտականութիւնը որեւէ կայացած եւ նպատակասլաց քաղաքական ուժի:

Արդ, ՀՅԴ Կեդրոնական Եւրոպայի կոմիտէն, զգաստութեան եւ խոհեմութեան կոչ կ՛ուղղէ հայաստանեան քաղաքական կեանքի բոլո՛ր ներկայացուցիչներուն առաւել չսրելու կացութիւնը, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն կը յայտնէ ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի ընտրարշաւին` ակնկալելով, որ ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիները կը ցուցաբերեն ազատ, անկաշկանդ, գիտակից ու խոհեմ ընտրութիւն, հեռու` զգացական, յուզական ազդեցութիւններէ:

ՀՅԴ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿՈՄԻՏԷ

1 դեկտեմբեր 2018

 

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի

$
0
0

Կիրակի, 9 դեկտեմբերին Հայաստանի քաղաքացիները պիտի ուղղուին դէպի քուէատուփ` ընտրելու համար նոր խորհրդարան: Ասիկա առաջին համապետական ընտրութիւնը պիտի հանդիսանայ գարնան մեկնարկած ժողովրդային շարժումէն ետք, որ տապալեց նախկին վարչակարգը եւ ճանապարհ բացաւ Հայաստանի մէջ նոր ժամանակաշրջանի մը, երբ ժողովուրդը տէր կը դառնայ իր սեփական ճակատագիրին:

Ժողովրդավարութեան սիւներէն մէկը արդար ընտրութիւններն են, երբ քաղաքացիները ազատ են իրենց խիղճի ձայնին անսալով քուէարկելու: Դժբախտաբար անցեալ տասնամեակներուն յաջորդական կառավարութիւնները, պահպանելու համար իրենց փտած վարչակարգը, իրենց լծակները գործի դնելով` ճնշած ու զրկած են քաղաքացիները ազատ ընտրելու իրաւունքէն:

9 դեկտեմբերի ընտրութիւնները 2015-ին հաստատուած եւ խորհրդարանական կառավարման համակարգը նուիրականացնող նոր սահմանադրութեան քննութիւնը պիտի ըլլան: Մինչ 2017-ի ապրիլի ընտրութիւնները պէտք է ազդարարէին նոր ժամանակներու սկիզբը, նախկին վարչակարգը նենգ գործողութիւններով խափանեց քաղաքացիներու` ըստ իրենց նախասիրութեանց քուէարկելու ազատութիւնը: Այս ընտրութիւնները անջնջելի հետեւանք պիտի ունենան հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի համար:

Առաւել քան 128 տարիներ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պայքարած է յանուն ընկերային արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ կամքի ազատ արտայայտութեան: Այս սկզբունքներէն մեկնելով է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ղեկավարած է ազգային ազատագրական պայքարը, որուն շնորհիւ ստեղծուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, որուն հիմնադրութեան դարադարձը նշուեցաւ հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին:

Վերոնշեալ սկզբունքներուն եւ զանոնք աշխարհի տարածքին յառաջ տանելու դարէ մը աւելի փորձառութեանց վրայ հիմնուելով է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ կը մասնակցի 9 դեկտեմբերի ընտրութիւններուն: Կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուները հրապարակային կերպով յայտարարած են, որ անցեալի դասերու լոյսին տակ կը շարժին յառաջ` ստեղծելու համար այն ապագան, երբ Հայաստանի ժողովուրդը ոչ միայն իր ճակատագիրը պիտի կրնայ ինքնուրոյն որոշել, այլ նաեւ բարգաւաճ եւ արդար համակարգով օժտուած հայրենիքի մէջ ապրելու իր իրաւունքը երաշխաւորուած պիտի տեսնէ:

Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւեն ճգնաժամային եւ գոյութենական մարտահրաւէրներ: Արցախի ճակատի խախուտ խաղաղութիւնը ազրպէյճանական ռազմական մնայուն սպառնալիքին տակ կը գտնուի: Հայաստանի վրայ այլ պետութիւններու շրջանային մրցակցութեանց բերումով բանեցուած ճնշումները կը պարտադրեն մեր երկրին` վերարժեւորելու իր ներքին եւ արտաքին առաջնահերթութիւնները:

Այս մարտահրաւէրները պէտք չէ խանգարեն, այլ ընդհակառա՛կը, պէտք է խրախուսեն հայ քուէարկողը` իր ազատ կամքը արտայայտելու Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնն ու օրէնքի գերակայութիւնը ամրապնդելու համար:

ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու կառոյցը կը հաւատայ, որ ՀՅԴ-ի ծրագիրը եւ տեսլականը մեր հայրենիքը պիտի առաջնորդեն դէպի աւելի պայծառ ապագայ: Ապագայ մը, երբ հայ ժողովուրդի արդար ձգտումները պիտի իրականանան, երբ բոլոր քաղաքացիներուն մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքները պաշտպանուած պիտի ըլլան, երբ տնտեսական եւ ընկերային արդարութիւնը պիտի իշխէ, եւ երբ Արցախը պիտի ըլլայ ուժեղ եւ բարգաւաճ:

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Սպասելով Պատկերասփռուելիք Բանավէճին

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

5 դեկտեմբերին, Հայաստանի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու մասնակից դաշինքներու եւ կուսակցութիւններու բոլոր առաջին դէմքերը պիտի մասնակցին պատկերասփիւռէն ուղղակի սփռուելիք բանավէճի մը. հայաստանեան մակարդակի վրայ ողջունելի նորարարութիւն մը, որմէ սակայն մեծ ակնկալիքներ պէտք չէ ունենալ` նկատի ունենալով նախընտրական քարոզչութեան պարզած ներկայ խղճալի պատկերը:

Այդ բանավէճը կրնար քուէարկողին համար հիանալի առիթ մը ըլլալ` լսելու եւ բաղդատելու տարբեր ծրագիրները, ապա ընտրելու այն, որ, ըստ իր դատողութեան, առաւելագոյնս կը համապատասխանէ իր եւ երկրին շահերուն, սակայն նախընտրական պայքարին մինչեւ օրս պարզած անմխիթար վիճակն ու ցած մակարդակը այդ ուղղութեամբ յոյս չի ներշնչեր:

Ներկայ իրավիճակը արդիւնք է ընտրապայքարին մասնակից քաղաքական ուժերու մեծամասնութեան մօտ քաղաքական ծրագիրներու չգոյութեան: Անոնք ցեխարձակումներ կատարելով եւ սպառնալիքներ ուղղելով կը զբաղին, որովհետեւ չունին ծրագիր մը, որուն մասին խօսին, ուստի իրենց մերկութիւնը ծածկելու համար արհեստականօրէն կը սրեն իրավիճակը:

Այս պայմաններուն մէջ ՀՅԴ-ի նման քաղաքական ուժի մը համար դժուար է ծրագրային քարոզարշաւ կատարել, երբ ուրիշներ ամբողջ ընտրապայքարը դիտաւորեալ կերպով ուղղած են զգացականութեան դաշտ` զայն հեռու պահելով իրենց համար մեծ վտանգ ներկայացնող դատողութեան դաշտէն:

5 դեկտեմբերի երեկոյեան Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը քուէարկողներուն պիտի ներկայացնէ ՀՅԴ-ի ընտրական ծրագիրը, որ կը վերաբերի հողին ու իւրաքանչիւր հայ անհատին, սակայն մեծ է հաւանականութիւնը, որ մնացեալ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները շարունակեն իրենց աղմկարարութիւնն ու սնամէջ բանավէճերը, եւ ազգովին խայտառակուինք յաչս քաղաքակիրթ աշխարհին: Պատկերասփռուելիքը այն նոյն տգեղ պատկերն է, որ կայ: Կը յուսանք, որ մեզի կը խնայուի այդ խայտառակութիւնն ու ժամանակի մսխումը:

 

 

 

 

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live