Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Ինչպէ՞ս Տեսայ «Հայոց Թիֆլիսը»

$
0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Սեպտեմբեր 29-ին որոշեցինք ընտանիքով մէկ օրուան համար Թիֆլիս երթալ` պտոյտի:

Նախքան ճամբայ ելլելը` խորհրդակցեցանք, թէ ո՛ւր պիտի հանգրուանինք: Ես անմիջապէս առաջարկեցի Հաւլաբարը` հին հայկական թաղամասը, հիմնաւորելով, որ լաւ դիրք ունի, շատ տեսարժան վայրեր կան շուրջը եւ վերջ ի վերջոյ հայահոծ վայր մըն է օտար հողի վրայ: Ծնողքս առարկութիւն չըրին, անոնք ալ ուզեցին վրացահայութեան սիրտը տեսնել, մանաւանդ որ հայրս կ’ըսէր, թէ խորհրդային տարիներուն Հաւլաբարի հայութիւնը հարիւր յիսուն հազարէ աւելի կը հաշուէր: Լա՛ւ, գացինք:

Վլատիկաւկազ քաղաքէն ճամբայ ելանք եւ երեք ժամէն հասանք Թիֆլիս: Հոս հարկ է նշել, որ քաղաքը մտնելով` բաւական ատեն մոլորածներուն պէս փողոցները կտրեցինք-անցանք, քանի որ քաղաքը չգիտնալով` ստիպուած եղանք ուղղութիւնը հարցնել: Սակայն ամէն մարդ տարբեր ձեւով բացատրեց Հաւլաբարի ուղղութիւնը, եւ եթէ մէկը այդ պահուն մեզ դիտէր, անպայման պիտի ծիծաղէր` տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս երկու անգամ մեր «նպատակ»-ին քովէն անցանք, չանդրադառնալով, որ հասած ենք:

Ճամբաները լայն են, երթեւեկութիւնը` շատ աշխուժ, բոլորը արագ կը քշեն, աջէն ձախէն կը խոյանան, եւ պէտք է խոստովանիմ, որ, գաւառացի ըլլալով` սկիզբը քիչ մը շուարեցայ եւ որոշ չափով ալ ջղայնացայ այս իրարանցումէն, սակայն կրցայ ինքնաշարժը վարել, թէեւ` լարուած վիճակի մէջ:

Վերջապէս հասանք: Հաւլաբարի մէկ փողոցէն մտանք ու իտալական դեսպանատունէն քանի մը տասնեակ քայլ անդին կանգնեցուցինք մեր ինքնաշարժը եւ որոշեցինք նախ եւ առաջ վարձու բնակարան մը գտնել` մեր գիշերելու վայրը ապահովելու համար: Հազիւ մեր փնտռտուքը սկսած` տունէ մը ծեր հայ կին մը դուրս եկաւ եւ մեզի նայելով` հարցուց.

– Վարձու բնակարա՞ն կը փնտռէք:

– Այ՛ո,- ըսինք:

– Հա՞յ էք,- հարցուց կինը:

– Այո՛, հայ ենք,- ըսինք:

– Հոս եկէք, բնակարանս նայեցէք, ձեզի կու տամ:

Մտանք, երկու սենեակնոց տուն էր մեր տեսածը, հայրս ճամբորդութենէն յոգնած ըլլալով եւ չուզելով ժամանակը կորսնցնել` ըսաւ.

– Ա՛լ չերթանք ուրիշ տեղ մը նայելու, հոս լաւ է, պիտի մնանք:

Այդպէս ալ եղաւ, հօրս կամքին համաձայն, տեղաւորուեցանք եւ մեր բոլոր գոյքերը դասաւորելէ ետք տունէն ելանք եւ գացինք Հաւլաբարին եւ Թիֆլիսին ծանօթանալու:

Հոս սկսաւ յուսախաբութիւնս: Ակնկալուած Հաւլաբարը չտեսայ, հայ գիրքերուն մէջ իմ կարդացած Թիֆլիսս չկայ այլեւս: Ո՞ւր է հայութիւնը: Ո՞ւր են հայ դպրոցները, ո՞ւր են հայ եկեղեցիները, միութիւնները կամ ակումբները: Կարելի է ըսել, որ արեւելահայութեան երբեմնի կեդրոնը, քարուքանդ վիճակի մէջ է այսօր` կազմակերպական (մշակութային, կրթական, հոգեւոր, կուսակցական) առումով: Տանտիրուհի մամիկին հարցուցի.

– Մայրի՛կ հայկական եկեղեցի կ՛ուզենք երթալ, հեռո՞ւ է:

– Ո՛չ, տղա՛ս,- ըսաւ,- Նոր Էջմիածին եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիները մօտ են, քալելով կը հասնիք:

– Քանի՞ եկեղեցի կայ Թիֆլիսի մէջ,- հարցուցի միամտաբար:

– Ասոնցմէ զատ` ուրիշներ չկան, երկու հատ մնացած են միայն:

Շշմեցայ: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ երկու տասնեակէ աւելի եկեղեցիներէն երկու հատ մնացած են այսօր:

– Ի՞նչ եղան, ինչո՞ւ չկան,- հարցուցի:

–  Կա՛մ քանդուեցան, կա՛մ ալ վրացիներուն յանձնուեցան եւ վրացական եկեղեցիներու վերածուեցան,- պատասխանեց կինը:

Ի՜նչ ոճիր: Հին սերունդները արիւն քրտինք մտած, մեծ զոհողութիւններով կառուցեցին եւ շէնցուցին այս եկեղեցիները, իսկ այսօր անոնք կա՛մ աւերակ դարձան, կա՛մ ալ կանգուն մնալով` ուրիշին տրուեցան, ուր Մաշտոցի գրաբարը խորանէն դէպի երկինք չի բարձրանար այլեւս, այլ մեր ականջներուն խորթ եւ անհասկնալի լեզու մը կը հնչէ հոն:

Կիրակի էր: Երկու եկեղեցիներն ալ գացինք: Սակայն նորէն զարմացայ ս. պատարագի ատեն հաւատացեալներու շատ փոքր թիւին ի տես: Տուն վերադառնալուս պէս մամիկը հարցուց.

– Եկեղեցի գացի՞ք:

– Այո՛, գացինք, սակայն ժողովուրդը քիչ էր:

– Տղա՛ս, այս է մեր այսօրուան իրականութիւնը: «Շատ ցաւալի է», մտածեցի ես:

– Իսկ հայկական դպրոցներ կա՞ն,- հարցուցի` այս անգամ կասկած ունենալով դրական պատասխան ստանալու:

– Մէկ դպրոց մնացած է միայն, անոր ապագան ալ յստակ չէ:

Ո՜վ հայ մարդ, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ անցեալին մեծ թիւով գրողներ, բանաստեղծներ, վիպագիրներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, մէկ խօսքով` մտաւորականներ ազգին տուած Թիֆլիսը այսօր մէկ հատիկ հայկական վարժարան ունի: Թիֆլիսի անցեալը գիտցող հայը դիւրութեամբ կրնա՞յ հաւատալ նման իրականութեան կամ ալ հանգիստ սրտով կրնա՞յ ընկալել այսօրուան դառն վիճակը: Կուսակցական կամ միութենական ակումբներուն մասին հարց տալու համարձակութիւն չունեցայ այլեւս: Աւելորդ չէր վերապահութիւնս, եթէ եկեղեցիները կը քանդուին կամ կը յանձնուին, դպրոցները կը գոցուին, գաղափարական եւ մշակութային դաստիարակութիւն ջամբող ամրոցները` ակումբները կրնա՞ն կեանք ունենալ: Այս ընդհանուր նահանջին վրայ կ՛աւելնայ նաեւ հայ մականուններուն սիրայօժար փոփոխութիւնը: Հաւլաբարի մէջ հայերէն գրութիւն մը չտեսայ, ամէնէն պարզ խանութէն սկսեալ մինչեւ դրամատունը` ամէն ինչ վրացերէնով գրուած է:

Վրդոված սրտով հարց կու տամ. Ինչո՞ւ ՀՅԴ-ի ծննդավայրի մէջ արիւնոտ դրօշը չտեսայ, ինչո՞ւ Թումանեանի եւ Րաֆֆիի բնակավայրին մէջ հայ մշակոյթի կարճ շունչ մը իսկ չզգացի, ո՞ւր է հայոց Թիֆլիսը: Արդեօք Վրաստանի իշխանութեանց այլասերիչ քաղաքականութիւնը աւելի խի՞ստ է, քան` սուլթանականը կամ ցարականը, որուն միջոցով կ՛ուզեն արգելք ըլլալ հայ գաղութի միաւորման եւ ծաղկումին, թէ՞ մեր ազգային ջիղը կտրուեցաւ: Դեռ որքա՞ն պիտի ծուլանանք եւ թերանանք մեր գոյութենական պայքարին մէջ: Դեռ որքա՞ն թուրքին անսահման հրճուանք պիտի պարգեւենք` մեր գոյատեւման կռուանները կորսնցնելով: Չըլլա՞յ` յանձնուեցանք: Վա՜յ մեզի, եթէ որոշեցինք նստիլ, ձեռքերը ծալել եւ հանգիստ դիտել, թէ ինչպէ՛ս մեր հին սերունդներուն արեամբ եւ քրտինքով վաստկած-կերտուածը կը քանդուի եւ հովին կը տրուի: Չեմ կրնար գործնական լուծում մը առաջարկել, քանի որ աւելի աննպաստ եւ խղճալի միջավայրէ կու գամ, ուր հայութիւնը թիւ է միայն: Սիրտս կ՛այրի իրավիճակը դէպի լաւը շրջելու անզօրութենէն եւ բողոքս շարունակելը աւելորդ կը համարեմ: Գոնէ ազգային արժանապատուութիւնը փրկելու նախանձախնդրութիւնը եւ գաղութը կերտած երախտաւորներուն հանդէպ յարգանքը ստիպեն թիֆլիսահայութեան, որ անդրադառնայ իր խեղճ կացութեան եւ կասեցնէ գահավէժ ընթացքը, եթէ ուշ չէ անշուշտ:

Կը նայիմ Թիֆլիսին եւ դարձեալ երանի կու տամ հին ժամանակներուն, երբ ջարդերուն, սովի եւ թշուառութեան տարիներուն կը բանէր հայութեան ստեղծագործ միտքը եւ կ՛արարէր հայու բազուկը, երբ ազգի դէմ ամէն դաւադրութիւն, քաղաքականութիւն եւ «բիւրաւոր աննպաստ պայմաններ», որոնց ետին պահուըտելով` այսօր կը փորձենք խոյս տալ մեր ցուցաբերած անհոգութեան պատասխանատուութենէն, անկարող էին կասեցնելու նահատակուած եւ յարութիւն առած հայ ժողովուրդի յաւերժական երթը:

 

 


Նշմար. Համաշխարհային Ա. Պատերազմին Աւարտը Ոգեկոչող Փարիզի Հանդիսութեան Ընթացքին Պատմական-Խորհրդանշական Պատշաճութեան Ու Դիւանագիտական Արարողակարգի Բացայայտ Անտեսում

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ֆրանսան ճանչցուած է դիւանագիտական արարողակարգը (փրոթոգոլ) յարգող երկիր: 11 նոյեմբեր 2018-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած 11 նոյեմբեր 1918-ի Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին100-ամեակը ոգեկոչող հանդիսութեան ընթացքին դիւանագիտական արարողակարգը եւ հանդիսութեան մասնակից պետութիւններու ներկայացուցիչներուն պատմական-խորհրդանշական դասաւորումը չէր յարգուած:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտի 100-ամեակի նշումի Փարիզի պաշտօնական հանդիսութեան պատուոյ հիւրերուն դասաւորումը:
Առաջին շարքին նստած է Իսրայէլի վարչապետը, անպատշաճ կերպով ոտքը ոտքին դրած, Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդին ներկայացուցիչը նստած է երրորդ շարքին:

Առաջին շարքին նստած է 1918-ին գոյութիւն չունեցող երկրի մը` Իսրայէլի վարչապետը, անպատշաճ կերպով ոտքը ոտքին դրած, կօշիկին տակը ուղղելով իր աջին նստողներուն, իսկ այդ պատերազմին ընթացքին ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ յաղթական կողմին օժանդակած հայ ժողովուրդին ներկայացուցիչը նստած է անոր ետեւը` երրորդ շարքին:

Պատշաճութիւն եւ դիւանագիտական աչալրջութիւն կը պահանջուին Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը ներկայացնողներէն` որեւէ միջազգային հանդիսութեան ընդհանրապէս եւ այսպիսի պատմական դէպքեր նշող հանդիսութիւններուն` յատկապէս:

13 նոյեմբեր 2018

Հայ Քաղաքական Կեանքի Մենակը Կամ` «Մեղաւոր Է Դաշնակցութիւն»

$
0
0

ԱՐԹՈՒՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ

Հերթական ընտրութիւններն են անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ, եւ ինչպէս բոլոր ընտրութիւններից առաջ, սկսուել է Դաշնակցութեան դէմ հակաքարոզչութիւնը… Քաղաքական պայքարի տեսակէտից գուցէ տարօրինակ բան չկայ, ցաւալին այն է, որ Դաշնակցութեանը մերժելու մտասեւեռումը մղում է նսեմացնել մեր ազգային արժէքները, ոչ հեռաւոր անցեալի պատմութիւնն ու հերոսական էջերը` վերջին 100 տարուայ ազգային ձեռքբերումները, առանց որոնց, որպէս ազգային-պետական հաւաքականութիւն, այսօր չէինք լինի: Քանի որ անհնար է զատել Դաշնակցութիւնը ազգ-հայրենիք-պետութիւն գաղափարից, սկսում են կռիւ մղել այդ գաղափարի դէմ: Ցաւալիօրէն մեր պատմութեան ընթացքում յաճախ են այդպէս վարուել, երբ միմեանց մերժելու, նեղ խմբային շահերն առաջ մղելու մոլուցքով տարուած` մերժել են մեծագոյն գաղափարները, արհամարհուել է ազգային շահը: Նաեւ սա է պատճառ դարձել, որ կորցրել ենք պետականութիւնը, յետոյ` աղէտ աղէտի յետեւից… Դաշնակցութիւնը ծնուել է շտկելու համար հայոց ողբերգութեան հետեւանքները: Ոտնատակ տրուած գաղափարը դարձրել է դրօշ ու ծրագիր, դռնէ դուռ ընկած` համոզել է ոտքի կանգնել, ուղղել կորացած մէջքը, սպաննել մեր մէջ նստած ստրուկին, յեղափոխուել, փրկել` ազգ, հայրենիք, արժանապատուութիւն: Դաշնակցութիւնը մեր քուն մտած ազգային ոգու արթնացումն է եղել…

Դաշնակցութեան երդուեալները այսօր էլ ջանում են, որ ազգային գաղափարը մտնի ամէն հայի հոգու մէջ, որ նա` լինի սփիւռքում, թէ հայրենիքում, իրեն զգայ լիարժէք հայ, տէրն իր երկրի, պատմութեան ու մշակոյթի… Եւ վերջապէս` տէրը հզօր ապագայի: Դաշնակցութեան այս գործի, մօտեցման ու գաղափարի դէմ կռուելն անհնար է ու անմիտ (դա նոյնն է, թէ մերժես ազգն ու հայրենիքը, հայ ու հայութիւն, թէեւ մեր ճանապարհին դրա փորձն էլ եղաւ):

Հիմա ինչ, 100 տարին մէկ պարտադի՞ր է նոյն սխալը գործել… Հնարաւոր չէ՞ քաղաքական ճանապարհ հարթել առանց ազգային արժէքների ու գաղափարների հետ հակադրուելու, աղմկելու, թէ էլի՛ «մեղաւոր է Դաշնակցութիւնը»: Փորձում են համոզել այն ժողովրդին, ում համար ստեղծուել ու ապրում է Դաշնակցութիւնը, նրան, ով որ իբրեւ փրկութեան փարոս ու ազատութեան ճիչ ծնել է Դաշնակցութեանը… Ու երանի թէ այդ երկունքը հայ ժողովրդի կեանքում շուտ եղած լիներ…

Պէտք է հասկանալ, որ Դաշնակցութիւնը նախ գաղափար է, յետոյ` դրա վրայ յենուած կազմակերպական մարմին ու ուժ: Նա իր ծննդեան օրից փորձել է գաղափարը տեղ հասցնել, առաջնորդել դէպի ազատ ու անկախ հայրենիք, դէպի պայծառ գալիք ( մի բանում անվերապահ յաղթել է. հիմա այդ գաղափարներից խօսում են բոլորը):

Իսկ այդ ճանապարհին ինչ չստացուէր, մեղաւոր էր Դաշնակցութիւնը: Մեղաւոր էր, որ յաճախ մենակ էր, ինքն էր ու իր մաշուած հագուստով հայդուկը, անվերարկու պաշտօնեան, իր չափից շատ ժողովրդավար վարչապետն ու անվերապահ հաւատը մեծ գաղափարին, որի հետ վերջում էլի մենակ էր մնալու: Մենակ, թափառական, բայց` ոչ մի օր գաղափարին չդաւաճանող ու անտէր չթողնող, քանզի գիտէր, որ դա է իր առաքելութիւնը, գիտէր, որ երբ դաւել ենք մեր ազգային գաղափարաբանութեանը, ստրկացել ենք, լքել ազգ ու հայրենիք, դարձել օտարամոլ, կտակել Անին Բիւզանդիային… Մինչեւ այն ժամ, երբ նորից մէկը գոռացել է` «Մահ կամ ազատութիւն… Եղաւ թէ՛ մահ, թէ՛ ազատութիւն, թէ՛ 1915 եւ թէ 1918… 15-թիւ եղաւ, որովհետեւ ազգովի չորդեգրեցինք զէնքի գաղափարը ու բանակ չդարձանք…18 թիւ եղաւ, որովհետեւ էլ փախուստի տեղ չկար, «Մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսի անբեկանելիութեանը չհաւատալու իրաւունք չկար… Կային Արամ ու Դրօ, կամաւոր երդուեալների մի քաջարի բանակ… Դաշնակցութիւնն այդ ժամանակ մենակ չէր, ազգը նրա կողքին էր… Յետոյ` մեծ շահեր, փոքր ժողովուրդ, անտէր մնացած Սեւրի պայմանգիր, հային խաբող թուրք ռուս ու եւրոպացի, քարոզչութեան գերի հայ պոլշեւիկ, ու եղաւ պետականութեան կորուստ… տարագիր Դաշնակցութիւն, գերուած հայրենիք, մահ ու անազատութիւն… Կար ժողովուրդ, բայց` ոչ ազգ, ու կար մի վախ, որի մտրակող կարգախօսն էր` «մեղաւոր է Դաշնակցութիւն»…

Դաշնակցութեան «մեղքը» խորհրդային կարգերի վերացման հետ չսրբուեց… Դաշնակցութեանը մեղաւոր էր պիտակաւորուելու նաեւ նորանկախ Հայաստանում, որովհետեւ չէր կարող անձերին կուռք ընդունել` ստորադասելով իր գաղափարական սկզբունքայնութիւնը, չէր կարող անտեսել քաղաքական փորձն ու իմաստնութիւնը, աչք փակել ապազգային դիրքորոշումների ու գործերի վրայ: Դաշնակցութիւնը, անկախ Հայաստանի գրեթէ 30-ամեայ պատմութեան մէջ, ոչ մի օր չի դադարել լինել ազգային ու գաղափարական, պետականամէտ ու պետակաշէն կուսակցութիւն: Թէեւ որդեգրած ծրագրերի իրագործումը ամբողջովին դեռ չի յաջողել… Չի յաջողել, որովհետեւ մանր ու մեծ խաբեբաները բազում ձեւերով մոլորեցրել են ժողովրդին` շեղել նրա ուշադրութիւնը:

Ազգային մտածողութիւնը սպաննելու համար, 70 տարի, համայնավար քարոզիչները զբաղուած էին Դաշնակցութեան խարազանմամբ: Դաշնակցականները ազգի <թշնամիներ էին>, երբ նոյն ժամանակ «ազգի թշնամիները» հայրենիքից դուրս ազգի հայրենազուրկ բեկորները փրկում էին ուծացումից, նրա հոգում վառ էին պահում երկիր վերադառնալու հաւատն ու հայրենիք ունենալու հպարտութիւնը: Այս մեծ գործի մէջ խրուած Դաշնակցութիւնը համոզուած էր. «Կաշառւում են պատմաբանները, պատմութիւնը` երբեք»: Կարեւորը գործն էր, ազգային ճեմարան ու մշակութային միութիւն հիմնելը, նուիրումը ազգին, եռագոյնը ծոցում տաք պահելը… Կարեւորը հային հայ պահելն էր: Առաքելութիւն, որ այսօր էլ Դաշնակցութեան համար չի աւարտուել…

Սպասուած զօրաշարժը եղաւ 1988-ին: Հայաստանում հնչեց ազատութեան շեփորն ու նորից հայոց արեւի տակ շողարձակեց եռագոյնը: Նորից մեր հայրենիք, նորից առիւծ ու արծիւ, նորից միացում ու նորից մի հարց` ո՞ւր է Դաշնակցութիւնը: Իսկ Դաշնակցութիւնն արդէն վերադարձել էր… Վերադարձել էր սկզբում որպէս գաղափար ու նպատակ, իսկ յետոյ` որպէս կամք եւ կենդանի գործ: Մենք այդ ժամանակ դաշնակցական էինք ու դա օգնեց անկախութեան հռչակման ու յաղթանակ կերտելու գործում… Որպէս կազմակերպուած, կարգապահ ուժ եւ զինեալ պայքարի փորձառութիւն ունեցող կառոյց` Դաշնակցութիւնը անգերազանցելի էր մարտի դաշտում: Պետական ու քաղաքական կեանքի կայացման, ճիշդ որոշումների ընդունման մէջ նոյնպէս մեծ էր նրա դերը, գիտելիքն ու հմտութիւնը… Կամաց-կամաց ազգային գաղափարներին ու արժէքներին իշխանութիւնները հակադրեցին նեղ անձնական ու խմբային շահերը… Դաշնակցութիւնը չէր ընդունում կենդրոնաձիգ կառավարումը (ի սկզբանէ առաջարկում էր խորհրդարանական մոտել): Կուռքեր ստեղծելը համարում էր վտանգաւոր` առաջնային պէտք էր լինէր գաղափարը, ազնիւ կառավարումը` յենուած յստակ ազգային ուղեգծի վրայ… Սկսուեց անհաշտ պայքար, պայքար` գաղափարների ու արժէքների, ազգային շահի ու կուսակցականութեան միջեւ: Ընդդիմադիր Դաշնակցութեան դէմ ծաւալուեց անհաշտ պայքար, քանզի նա համարձակուել էր լինել այլընտրանք, ձեւաւորել հակադիր բեւեռ, իսկ նորընծայ կուռքերը, որոնք հասցրել էին զգալ իշխանութեան համը, չէին կարող չվախենալ դրանից:

Քաղաքական կեանքից դուրս մղելու համար 94-ի դեկտեմբերին բազմակուսակցական եւ ժողովրդավարական հռչակուած անկախ Հայաստանում կասեցուեց ազգային կուսակցութեան գործունէութիւնը:

քաղաքական դաշտն ամլանում էր, որի հետեւանքները առաւել ծանր էին լինելու: Իշխանութիւնն ամբողջովին իր ձեռքում կեդրոնացրած ուժը չկարողացաւ երկիրը տանել զարգացման ճանապարհով, փոխարէնը` վաստակեց անվստահութեան ու հակակրանք, ինչը ծանր դրսեւորում ստացաւ 1996թ.-ի նախագահական ընտրութիւններից յետոյ: Երկիրը կանգնած էր քաղաքացիական առճակատման շեմին:

1996թ. նախագահական ընտրութիւններից յետոյ տեղի ունեցած յայտնի դէպքերից յետոյ Հայաստանի քաղաքական կեանքն առողջացնել հնարաւոր չեղաւ: Քաղաքական աճպարարութիւնը դարձաւ վարքագիծ: Հետագայ համապետական ընտրութիւնների ժամանակ, փրկչի դիմակ հագած նորայայտ կուսակցութիւներն ու մի գիշերում կուսակցութիւն փոխած գործիչները հետեւողական շարունակեցին մոլորեցնել ժողովրդին: Չզգացուեց բարեգործի դիմակ հագած իմաստուն շաղակրատողների պակաս, ծաղկեց ընտրողների ձայների առեւտուրը: Հասարակութեան մէկ հատուածը որդեգրեց կրաւորական դիրքորոշում…

Անկախ ամէն ինչից` Դաշնակցութիւնը մնաց քաղաքականպէս գործօն քաղաքական պայքարի մէջ բիրտ ուժին, փողին ու քաղաքական ամբոխավարութեանը հակադրեց արդար ու ծրագրային-գաղափարական ընտրապայքար: Փակուղուց դուրս գալու եւ արդիւնաւէտ կառավարում իրականացնելու ուղիներից մէկը Դաշնակցութիւնը համարում էր անցումը խորհրդարանական կառավարման: Դժուարութեամբ, բայց յաջողուեց օրուայ իշխանութիւններին մղել գնալու այդ ճանապարհով` սկզբունքային պայքարը պսակուեց յաջողութեամբ:

Դաշնակցութեան ցանած սերմերը երբեմն ուշ, բայց միշտ պտուղներ են տուել: Բազում գաղափարներ, սկզբունքներ, օրէնքներ ու բազմապիսի ծրագրեր, որոնք կեանքի են կոչուել անցնող տարիներին, տուել են ու դեռ պիտի տան ցանկալի արդիւնք: Շատ յաճախ, առաջին հայեացքից դրանք տեսանելի չեն եղել կամ չեն ընկալուել խորութեամբ:

Ազգային-պետական արժէքների ու աւանդոյթների ամրապնդման գործում անգնահատելի ներդրում է ունեցել Դաշնակցութիւնը: Նա դարձել է երկրի կայունութիւնը ապահովող ուժերից մէկը: Երբեք կշեռքի նժարին պետութեան անվտանգութեան հարցը չի դրել, երբեք չի գնացել ամբոխվարական սին խոստումներով ժողովրդին հաճոյանալու ու շահաբաժին կորզելու ճանապարհով` քաջ գիտակցելով, որ մի օր գալու է հաշուետուութեան ժամը:

Սթափ լինելու դէպքում կ՛արձանագրէինք, որ Դաշնակցութեան թեկնածուները գիտելիքով ու անցած ճանապարհով միշտ տարբերուել են մրցակիցներից: Բայց մենք ե՞րբ ենք այդ արժանիքները հաշուի առնելով ընտրութիւն կատարել… Չենք արել, դրա համար Դաշնակցութիւնը մենակ է մնացել, յետոյ մեր աչքին դարձել մեղաւոր… Մեզ մի օր հարց տուինք` ինչո՞ւ դաշնակցական ոեւէ հրամանատար ու կռուած տղայ, յետոյ չդարձաւ օլիկարխ ու ինքնակոչ զօրավար, չյոխորտաց, թէ ես կռուել եմ, դու` չէ… Ինձ կարելի է ամէն ինչ, քեզ` ոչինչ. ինձ պիտի ընտրես պատգամաւոր… Բայց այդ անգաղափար ջրոտբերաններն աւելի շատ քուէ են հաւաքել, քան` մտաւորական որեւէ դաշնակցական: Կարեւոր չէ, թէ ինչո՛ւ եւ ի՛նչ դրդապատճառներով ենք ուրիշին ընտրել` կարեւորն այն է, որ նրանց, որոնք կարող էին գալ ու մեր կեանքը փոխել, չենք օգնել ու չենք վստահել անհրաժեշտ քուէով…

Բայց երկիրը բարեփոխելու Դաշնակցութեան ձգտումը երբեք չի մարել: Նպատակին հասնելու ուղիներից մէկն էլ Դաշնակցութիւնը դիտարկել է քոալիսիոն համագործակցութեամբ, իշխանութեան որոշակի բեռ ուսերին վերցնելու միջոցը: Ի դէպ, ՀՀ պատմութեան մէջ առաջին քոալիսիոն համագործակցութեան սկզբունքը որդեգրողը հէնց Դաշնակցութիւնն է եղել: ՀՅԴ-ն 1918-20թթ. լինելով իշխող կուսակցութիւն` երկու անգամ քոալիսիոն կառավարութիւն է կազմել խորհրդարանական այլ ուժերի հետ: Մեղադրել ՀՅԴ-ին իշխանութեան հետ համագործակցելու համար արդար չէ… Մանաւանդ որ քոալիսիոն գործընկերութիւնը երբեք չի կաշկանդել նրան: ՀՅԴ-ն շարունակել է մնալ ինքնուրոյն եւ հաւատարիմ իր ազգային ուղեգծին:

Դաշնակցութիւնը հայ քաղաքական կեանքի մենակն է, որովհետեւ մտածողութեամբ մէկ քայլ առաջ է, մեծ գաղափարների տէր ու կրող է, անտրտունջ ու հաւատաւոր է, չկոտրուող է, հողի ցաւով տառապող ու կռուող է… Դաշնակցութիւնը հիմա էլ մենակ է, որովհետեւ նոյնն է ասում, ինչ 1990-ականների սկզբին. անձերին մի՛ դարձրէք կուռք ու մի՛ օժտէք անվերահսկելի իշխանութեամբ:

Յ. Գ.- քաղաքական պայքարում Դաշնակցութեան պարտութիւնը ցանկացողները պէտք է հասկանան, որ ՀՅԴ-ն վաղուց յաղթել է, եւ իր դէմ կռիւ տուողն անգամ այդ յաղթանակի արդիւնքն է: Դաշնակցութեան երազանքը անկախ պետականութեան գոյութիւնն է եղել, Խատիսեանի բառերով ասած` ստեղծել «տուն, բոյն, ուր կը կռուի ժողովրդական միտքը»: ՀՀ ու ազատ Արցախի գոյութիւնն աներկբայ իրողութիւններ են, հայ մանուկը յաճախում է ազգային դպրոց, ծածանում է եռագոյնը ու երգում է ազգային երգեր: Անկախութեան ամրապնդումը, հզօր բանակը, ազգային երազանքներին հաւատարմութիւնը բոլորի մտածողութեան մէջ ամրագրուած է: Դա Դաշնակցութեան յաղթանակն է. նա արդէն յաղթել է… Եւ բնաւ կարեւոր չէ, թէ, օրինակ, ջահերով երթն առաջինն ո՞վ է կազմակերպել. կարեւորը երթի յարատեւութիւնն է…

 

 

Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախի Հանրապետութիւն Ռազմաքաղաքական Փոխօգնութեան Դաշինք

$
0
0

Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի նախագահի յայտարարութիւնը, թէ հրատապ նշանակութիւն կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքը, վերլուծական ենթադրութիւններու դուռ կը բանայ, թէ ինչո՛ւ այս փուլին է, որ Ստեփանակերտը հրատապ կը նկատէ այս համաձայնագիրի կնքումը:

Նախ պէտք է արձանագրել, որ այս համաձայնագիրին ուղղութեամբ ամէն ակնարկ կը յիշեցնէր, որ իրաւապայմանագրային տեսքի կը բերուէր այս ձեւով այն առաջադրանքը, որ կը բանաձեւէր, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխիքն է: Իրողապէս այդպէս ըլլալով հանդերձ նման համաձայնագիրի ստորագրութիւն Երեւանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան իրողական ճանաչումէն անդին իրողական-իրաւական ճանաչումի համազօր քայլ կը նկատուի:

Քաղաքականօրէն հասկնալի պատճառներով Երեւանը խորհրդարանի որոշումով չի ճանչնար Արցախի Հանրապետութիւնը, պարզապէս բանակցային կողմ ըլլալով եւ շարունակելով միջազգային ընտանիքի ճշդած ձեւաչափին ընդառաջ հակամարտութեան խաղաղ լուծում բերելու իր առաջադրանքը իրականացնելու համար: Ճանաչումը, դարձեալ քաղաքական ընկալելիութեամբ, կ՛օգտագործուէր իբրեւ դիւանագիտական զէնք` Պաքուի կողմէ յարձակողապաշտ պահուածքի շարունակութեան պարագային գործի դրուելու: Այլ խօսքով, եթէ Պաքուն շարունակէր անտեսել միջազգային ընտանիքի երաշխաւորութեամբ կայացած զինադուլի յարգումի սկզբունքը, Երեւանը կը դիմէր այդ քայլին:

Ռազմաքաղաքական դաշինքի գաղափարը առաջին անգամ հրապարակ եկաւ Դաշնակցութեան կողմէ, որ ըստ էութեան Երեւանին կ՛ընձեռէր դիւանագիտական կարելիութիւն` իրաւականօրէն առանց ճանչնալու որոշում կայացնելու իրողական-իրաւական աքթի համազօր աքթ նկատուելով: Խորքին մէջ նաեւ ո՛չ միայն Պաքուին, այլեւ ամբողջ միջազգային ընտանիքին ու հանրութեան ուղերձ փոխանցելով, որ Պաքուն, եթէ ինքնազսպումի չդիմէ, կամ միջազգային ընտանիքը չյաջողի զսպիչ գործողութիւններ իրականացնել, այդ պարագային կը կատարուի Երեւանի յայտարարածը: Դէպի ճանաչում իրաւաքաղաքական կարեւորագոյն եւ անհրաժեշտ քայլ էր, որ կ՛առաջարկէր Դաշնակցութիւնը:

Ապրիլեան պատերազմի բռնկման օրերուն, այլ խօսքով` Պաքուի կողմէ հրադադարի ոտնահարման եւ պատերազմի սանձազերծման առիթով հրաւիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի նիստին հանրապետութեան նախագահը հասունցած նկատելով դաշինքի կնքումը, յանձնարարեց արտաքին գործոց նախարարութեան պատրաստելու համաձայնագիրի նախագիծը: Դէպի ճանաչում տանող ճանապարհը իրաւապայմանագրային հարթեցումի կ՛ենթարկուէր այս ձեւով: Այդ նախագիծին համար կայացան նաեւ փորձագիտական քննարկումներ, այդուհանդերձ նախագիծը չհրապարակուեցաւ եւ գործընթացը մնաց առկախ:

Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի նախագահին այն նախատեսումը, թէ` համաձայնագիրը կը ստորագրուի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումէն ոչ շատ ուշ, ենթադրել կու տայ, որ երկու հանրապետութիւններուն միջեւ այս ուղղութեամբ կայ արդէն նախնական պայմանաւորուածութիւն:

Կը մնայ վերլուծել, թէ դաշինքի կնքումի հրատապութեան հանգամանքները երկկողմանիօրէն կամ աւելի ճիշդը հայկական կողմին համար ընդհանրապէս, աշխարհաքաղաքական իրադրութիւններու զարգացման ի՛նչ տեսակ կարելիութիւններու հետ կ՛առնչուին:

Աւելցնենք մէկ դիտարկում եւս: Համաձայնագիրը երկու հանրապետութիւններու միջեւ փոխօգնութեան բնութագիրը ունի, ինչ որ մտածել կու տայ, որ բացի Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխիքը իրաւականօրէն ամրագրելու գլխաւոր բաղադրիչէն հասկնալի է, որ Արցախը իր փաստացի-իրողական սահմաններով ի՛նքը անվտանգութեան  անշրջանցելի երաշխիք է Հայաստանի Հանրապետութեան:

«Դաշնակցութեան Գործած Սխալները»

$
0
0

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

Իրօք Դաշնակցութեան աններելի սխալներէն հիմնականը այն է, որ ան բնաւ ամբոխավար, շշմեցուցիչ եւ շուկայական կուսակցութիւն մը չհանդիսացաւ իր 128 տարուան մաքառումի ամբողջ կենսափորձին ընթացքին:

Կ՛երեւի ռազմավարական աններելի սխալներ էին Դաշնակցութեան կողմէ` առաջնահերթութեան վերածելը Արցախի ազատագրումը, վիրահայութեան անկաշկանդ գոյատեւումը, Հայ դատը, հայ-թրքական արձանագրութիւններու տապալումը, Հայաստանի պետական հիմքերու ամրապնդումը, հայոց բանակի մարտունակութիւնը, ոչ մէկ թիզ հող զիջիլը, զոյգ պետութեանց սահմաններու անվտանգութիւնը եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը Հայաստանի մէջ:

Այլեւ, կ՛երեւի, որ Դաշնակցութեան ժողովրդականութեան, հեղինակութեան եւ վարկի աճի ապահովման համար պէտք էր առաջին հերթին հրաժարիլ Արցախի, Ջաւախքի, Արեւմտահայաստանի, Հայ դատի, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման պահանջատիրական քաղաքականութենէն, իսկ ներքին առումով, ընկերային արդարութեան, ներքին հարստութեան եւ արտադրութեանց հաւասար եւ արդար բաշխման քաղաքականութենէն: Ու ապա հրատապ օրակարգի վերածուէր Դաշնակցութեան կողմէ սեռային ազատականութեան, փոքրամասնութեանց իրաւունքներու պաշտպանութեան, զանազան աղանդներու ազատ գործելու եւ շարժելու իրաւունքը, որոնք հաւանաբար նուազ կարեւոր արժէքներ չեն, անկասկած, մանաւանդ ազատ եւ ժողովրդավար նոր Հայաստանի մէջ: Ի դէպ, չես գիտեր` ինչո՞ւ, իւրաքանչիւր անգամ, որ տուեալ փոքրամասնութեանց իրաւունքներու պաշտպանութեան նիւթերու արծարծումը կը կատարուի, անվարան կը վերյիշենք վաստակաւոր ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի հետեւեալ սրբազան խօսքը. «Լաւ ազգի կորիզը, լաւ ընտանիքն է»:

Դաշնակցութիւնը հաւանաբար սխալ գործեց ապազգայնացման, ապաքաղաքականացման, ճակատագրապաշտութեան եւ պարտուողականութեան դէմ պայքարելով, արդեօք փոխարէնը պէտք էր կո՞ւլ տար այդ բոլորը:

Դաշնակցութեան սխալներուն շարքին էր նաեւ այն հանգամանքը, որ ան բնաւ ներհայաստանեան, ներկուսակցական եւ ներքաղաքական գայթակղութիւններով սնանող եւ ուռճացող կուսակցութիւն մը չեղաւ, ան բնաւ չառաջնորդուեցաւ քաղաքական նախապաշարումով, վրէժխնդրութեամբ եւ քաղաքական հաշուեյարդարի տրամաբանութեամբ, ոչ ալ նեղ կուսակցական հաշիւներու համար քաղաքական աժան շահարկումներու դիմեց տեսակ մը խաբուսիկ, ժամանակաւոր ժողովրդականութիւն եւ ընտրազանգուած մը ապահովելու համար: Ըսուածին իբրեւ ապացոյց` վերյիշենք, որ երբ Դաշնակցութեան գրասենեակները փակող, հալածող, վտարող, հարուածող, ՀՀ առաջին նախագահին ներեց Դաշնակցութիւնը եւ զայն ընդունեց իր վերաբացուած գրասենեակներուն մէջ եւ 2008-ի մարտ 2-ին «Երկիր Մետիա»-ն ուղիղ եթեր տրամադրեց իբրեւ դէպքերը լուսաբանող ասուլիս յանուն խօսքի ազատութեան եւ ներազգային հանդուրժողականութեան, նոյն տրամաբանութեամբ ալ պէտք է դիտարկել, ՀՀ երկրորդ նախագահի «Երկիր Մետիա»-էն ընձեռուած առիթը. ո՛չ պակաս, ո՛չ աւելի:

Դաշնակցութիւնը հաւանաբար սխալ գործեց 90-ականներու օրհասական օրերուն, երբ անդրկովկասեան շրջանային եւ տարածաշրջանային ուժերու վերադասաւորման փուլին եւ այդ թոհուբոհին մէջ, երբ վերջին երեսուն տարին, հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններուն եւ զինք առաջնորդող քաղաքական դիրքորոշումներուն հանրութեան կողմէ թիւրըմբռնման, ան ներհայաստանեան քաղաքական կեանքին մէջ տեւաբար առաջնորդուեցաւ հիմնարար հետեւեալ սկզբունքներով. ազգային անվտանգութիւն, ներքաղաքական կայունութիւն, հանդուրժողականութիւն  եւ անդորրութիւն, ազգային միասնականութիւն, ազգային արժէքային համակարգի ամրապնդում եւ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւա-պատմաքաղաքական իրաւունքներու ձեռքբերման մարտավարութեան որդեգրում:

Նոյնպէս սխալ է, կ՛երեւի, Դաշնակցութեան կողմէ ազգ եւ հայրենիք հասկացողութիւնները ամէն ինչէ վեր դասելը եւ զանոնք գերագոյն արժէքի վերածելը:

Դաշնակցութիւնը անկասկած շարք մը այլ սխալներ ալ գործեց ներհայաստանեան քաղաքական առումով` տարուելով իր ընկերվարական համոզումներէն, երբ ընկերային անմխիթար խաւի իրաւունքներու պաշտպանութեամբ հանդէս կու գար համապատասխան սերտողութիւններով, առաջարկներով եւ ընկերատնտեսական առարկայական առաջադրանքներով կանոնակարգելու մրցակցային անխնայ ազատ շուկան եւ բոլորովին երկիրը չյանձնելու դրամագլուխի շրջանակներու տրամադրութիւններուն եւ որոշ լուծումներ որոնելու անհատի, փոքր եւ միջին ձեռներէցութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով:

Սխալ գործեց, երբ ան առնուազն համահեղինակ հանդիսացաւ երկքաղաքացիութեան օրինագիծի որդեգրման, սփիւռքի նախարարութեան եւ սփիւռք-Հայաստան առաւել արդիւնաւէտ գործունէութեան ծաւալման, երկրի ամենակարեւոր իրադարձութեան` սահմանադրութեան փոփոխութեան, ընտրական օրինագիծի համեմատաբար աւելի արդար, ժողովրդավար, արդիական տարբերակի մը ընդունման` հակառակ տակաւին յամեցող անհրաժեշտ որոշ փոփոխութիւններու հրատապութեան:

Սխալ գործեց, երբ ան առնուազն նպաստեց հայ-թրքական եւ ֆութպոլային պարտուողական դիւանագիտութեան քաղաքականութեան տապալման, ներհայաստանեան քաղաքական մշակոյթի զարգացման, բայց, ափսո՜ս, արմատախիլ չեղան սեւ ու սպիտակի հասկացողութիւնները, Արցախեան բանակցութիւններու ընթացքին անզիջող կեցուածքներով հանդէս գալու մարտավարութեան ամրապնդման, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համապետական յուշագրի մշակման:

Սխալ էր նաեւ Դաշնակցութեան կողմէ վերապահութիւն արձանագրելը նոր Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցած պարտադիր կուտակայինի տարբերակի առումով եւ ի զուր մտահոգուիլը, որ տարեկան  շուրջ 2 միլիառ տոլարի հասնող գումարներ պիտի յանձանձուին միջազգային ընկերութիւններու կողմէ, որոնց երկարաժամկէտ ապահովութիւնը ոչ ոք ունի` բացի անխնայ եւ անողոք միջազգային շուկաներէն:

Տակաւին սխալ է նաեւ Դաշնակցութեան հանք-արդիւնաբերութեան ոլորտի նկատմամբ մօտեցումները եւ մտահոգութիւնները, յատկապէս, Ամուլսարի նման, բնութիւնը ապականելու առընթեր, զայն եւ այլ նմանօրինակ գործառոյթներ յանձնելը միջազգային ընկերութիւններու տնօրինման, որոնք ուղղակի կը հովանաւորուին որոշ դեսպանատուներու կողմէ:

Այլեւ, կ՛երեւի, որ պէտք էր կառուցողական մօտենալ, թէ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան պետի Ճոն Պոլթընի կողմէ կատարուած ռազմաքաղաքական քողարկուած թելադրանքներուն, թէ ալ գրկաբաց ընդունիլ երկրի տնտեսութեան վրայ օրէ օր աւելի աճող արտաքին հակակշիռները:

Արդարեւ, ինչ կը վերաբերի Դաշնակցութեան հասցէին ուղղուած անհիմն, շինծու մեղադրանքներուն եւ անհաշիւ ցեխարձակումներուն, թէ իբր Դաշնակցութիւնը լծակից եղած է քրէաօլիկարխիկ իշխանութիւններու, հոս պարզապէս պատմութեան համար վերյիշենք, որ հաւանաբար սխալ մը եւս գործեց ՀՅ Դաշնակցութիւնը, երբ ան թէ՛ 2008-ի եւ թ՛ 2013-ի նախագահական ընտրութիւններուն ան սատար չհանդիսացաւ Սերժ Սարգիսեանի թեկնածութեան, այլ ներկայացաւ ինքնուրոյն առաջադրանքներով եւ սեփական թեկնածուով` յանձինս ընկեր Վահան Յովհաննիսեանի:

Փաստօրէն, իրականութեան մէջ, հակառակ Դաշնակցութեան հասցէին ուղղուած անհիմն մեղադրանքներուն եւ կատարուած ապատեղեկատուական հսկայական ճիգին, պէտք է ըսել, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը տեւաբար հանդէս եկաւ ինքնուրոյն քաղաքական դէմքերով ու առաջադրանքներով եւ բնաւ չնոյնացաւ որեւէ փուլի որեւէ իշխանութեան հետ:

Այլեւ իր գործունէութեան եւ էութեան իմաստը եւ յաջողութեան առանցքը նկատեց` անկախ օրուան նախագահէն, վարչապետէն, կառավարութեան ձեւաչափէն, հիմնականը երկիրը պահել անդորր, կայուն, անվտանգ, անզիջող, կարելի եղածին չափ ընկերային արդար, եւ ամէնէն էականը, որ հայրենիքը մնայ ազգային քաղաքական ուղղուածութեան ոլորտին մէջ:

Դաշնակցութիւնը, կ՛երեւի, սխալ գործած է սկզբունքի վերածելով եւ պատրաստակամութիւն յայտնելով յանուն ազգային ու պետական գերագոյն շահերու պաշտպանութեան համար յանձնառու կերպով համագործակցիլ ցանկացած իշխանութիւններու հետ, ինչպէս որ վերջին փուլին Դաշնակցութեան մասնակցութեան պարագան էր նոր Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ, որովհետեւ խօսքը եւ գործը այս պարագային կը վերաբերի հայրենիք կերտելու եւ ոչ թէ սովորական ժամանակներու եւ փուլերու սովորական քաղաքականութեամբ զբաղուելու: Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը համազգային կուսակցութիւն է եւ իր գլխաւոր առաքելութիւնը բոլոր պայմաններու եւ ժամանակներու մէջ Հայաստանի եւ սփիւռքի ազգային անվտանգութեան, արժանապատուութեան եւ ինքնութեան առկայ բոլոր խնդիրները փորձել լուծել է:

Կուսակցութիւնը հաւանաբար աւելի մեծ սխալ մը գործեց, երբ որոշեց 2009-ին դուրս գալ կառավարութեան կազմէն եւ շարունակել քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել ամբողջ 9 տարուան ընթացքին, ընդդիմութեան շարքերէն ներս, ընդդիմադիր քաղաքական եւ հասարակական դաշտը հաւաքելով, ժողովրդային լայն զանգուածներու պահանջները, ակնկալութիւնները եւ խնդիրները կազմակերպելով եւ բանաձեւելով օրին քառեակի շրջանակներէն ներս, ի խնդիր առկայ բոլոր խնդիրներու լուծումներ ապահովելու, ընկերատնտեսական, ռազմաքաղաքական, ժողովրդավարական, ընտրական օրինագիծին եւ ամէնէն էականը` սահմանադրութեան փոփոխութեան, որ ամէնէն ապահով կռուանն է հայկական պետականութեան:

Դաշնակցութիւնը միայն 2017-ին վերադարձաւ համաձայնական կառավարութեան կազմին մէջ, երբ օրուան իշխանութիւնները ընդունեցին կեանքի կոչել Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կազմած 7 կէտերէ բաղկացած քաղաքական պահանջ առաջադրանքները:

Իսկ նոյն տարուան ապրիլին տեղի ունեցաւ ԼՂՀ քառօրեայ կայծակնային պատերազմը երկիրը եւ համայն հայութիւնը հազիւ իրենք զիրենք վերագտնելու ընթացքին, տակաւին քառօրեայ պատերազմի վէրքերը չսպիացած, երկրի կայունութիւնը դարձեալ խաթարման ենթարկուեցաւ, երբ տեղի ունեցաւ «Սասնայ ծռեր»-ու ՊՊԾ գունդի գրաւման դէպքը, որ խնդրոյ առարկայ պիտի դարձնէր հայրենիքի անդորրութիւնը եւ հարուած տար երկրի միջազգային հեղինակութեան, բան մը, որ օրուան իշխանութիւններուն առնուազն ամլութիւնը բնաւ չնպաստեց արմատախիլ ընելու հասարակական կեանքէն ներս զինեալ  դրսեւորումներու երեւոյթը` իբրեւ վերջին տարբերակ գոյութիւն ունեցող արդար ժողովրդային ընդվզումները եւ քաղաքական պահանջները իրականացնելու առումով:

Ի դէպ, այս պարագային ալ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը սխալ գործեց, երբ անմիջապէս յորդորեց երկխօսութիւն` կողմերու միջեւ, քաղաքական խաղաղ պայմաններու ընդմէջէն գոյութիւն ունեցող բոլոր հարցերը լուծելու, որպէսզի կացութիւնը աւելի չսրի եւ երկրին անդորրութիւնը չվտանգուի` մէկ կողմէ դատապարտելով յատկապէս հայրենիքի եւ ընդհանրապէս ժողովրդավար երկիրներու մէջ զինեալ դրսեւորումներու առկայութիւնը, իսկ միւս կողմէ` դատապարտելով իշխանութեան վերջին տարիներուն քաղաքական եւ ընկերատնտեսական ընդհանուր անփառունակ քաղաքականութիւնը, երբ ուրիշներ փողոցը հրահրելու, մթնոլորտը շիկացնելու, իրենց անձնական նեղ հաշիւները ամէն ինչէ վեր դասելով եւ ցուցարարները մոլորեցնելով` արկածախնդրութեամբ կը զբաղէին:

Այնպէս որ, Դաշնակցութիւնը իր քաղաքական ինքնատպութեամբ, իւրայատկութիւններով, հարուստ, քաղաքական եւ յեղափոխական  կենսափորձով, արժանապատիւ գործունէութեամբ, հակառակ ներքին եւ արտաքին ճնշումներուն, ցեխարձակումներուն եւ իր դէմ յայտարարուած արդիական քարոզչական աննախընթաց պատերազմին,  անսակարկ նուիրումով պիտի շարունակէ գործել հզօր, բարգաւաճ եւ ժողովրդավար նոր Հայաստանի կերտման ի խնդիր:

21 նոյեմբեր 2018

Անկախութենէն Անդին. Լիբանանը` 75 Տարի Ետք

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

75 տարիներ անցան Լիբանանի անկախութենէն, երկիր մը,որ տակաւին կը միտի անկախանալու եւ կերտելու պետականութիւն: Շատերուն համար Լիբանանի հզօր պետականութեան չկայանալուն պատճառը միասնական` արտաքին քաղաքականութեան չգոյութիւնն է եւ ոչ թէ` համայնքային քաղաքականութիւնը:

1946-ին, երբ ֆրանսական ուժերը լքեցին երկիրը, իշխող մարոնի համայնքի ղեկավարները սկսան քննարկել երկրի եւ իշխանութեան անվտանգութեան հարցը: Հոս կարեւոր է իմանալ, որ երկրի անվտանգութիւնը ուղղակի կապուած էր մարոնիական իշխանութեան անվտանգութեան եւ գերիշխանութեան հետ:

1958-ին, երբ արաբ ազգայնականները եւ ձախակողմեան շարժումները Եգիպտոսի նախագահ Կամալ Ապտել Նասերի հրահրումով փորձեցին յեղափոխութիւն կատարել, եւ իշխանութիւնը սկսաւ կորսնցնել իր հակակշիռը գետնի վրայ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Այզընհաուըր ամերիկեան ծովուժը ուղարկեց Պէյրութ`կարգ ու կանոն հաստատելու նպատակով: Սակայն զինեալ բախումները շարունակուեցան, մինչեւ որ նախագահ Քամիլ Շամունը փոխարինուեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ֆուատ Շեհապով: Շեհապ ընդունելի էր Միացեալ Նահանգներու եւ Եգիպտոսի կողմէ… Ասիկա առաջին անգամն էր, որ Լիբանանի իշխանութիւնը կը ցնցուէր:

Շեհապ Լիբանանի պետականութեան հայրն էր, եւ շնորհիւ իր հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան` ան կրցաւ` պաշտպանել երկրին կայունութիւնը, սակայն՝ մարոնիական իշխանութեան հաշուոյն: Այն ժամանակ բազմաթիւ ձախակողմեան շարժումներ, ստանալով Խորհրդային Միութեան աջակցութիւնը, սկսան կազմակերպուիլ:

Շեհապին յաջորդող նախագահները անոր խորամանկութիւնը չունէին եւ, ամէնէն կարեւորը,անոր նման չէին վայելեր արտաքին նեցուկ: 1968-էն ետք երկրին իշխանութիւնը տագնապի մէջ էր, եւ զինեալ խնբաւորումներ արդէն իսկ կարգ մը շրջաններ իրենց գերիշխանութեան տակ առած էին: Իսկ 1975-ի պատերազմի բռնկումով արդէն իսկ բանակը պառակտուած էր, իշխանութիւնը գրեթէ սահմանափակուած էր քրիստոնէական շրջաններով, եւ սուրիական ու իսրայէլեան բանակները բաժնած էին երկիրը: Լիբանանցիք կը խնդրէին արտաքին քաղաքական միջամտութիւն, որպէսզի հաստատէին ներքին կայունութիւն: Այդ խնդրանքին ընդառաջումը ուշացաւ 15 տարի, եւ բոլորը սուղ գին վճարեցին: Վերջապէս, շնորհիւ արտաքին միջամտութեան, լիբանանցիներուն հրամցուեցաւ Թաէֆի համաձայնագիրը, սակայն այդ օրէն ի վեր ոչինչ փոխուեցաւ պետական մակարդակի վրայ:

Այսօր, 75 տարի ետք, տակաւին լիբանանեան տարբեր հոսանքներ կը փորձեն երկիրը մխրճել արտաքին ուժերու շահերուն մէջ: Լիբանանեան պետութիւնը տակաւին կարիքը կը զգայ ունենալու յստակ արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարութիւն մը: Հարց կու տանք, թէ ի՞նչ է Լիբանանի արտաքին քաղաքականութիւնը, յստակ ռազմավարութիւն մը գոյութիւն ունի՞: Այս բոլոր հարցումներուն անպատասխան մնալը մտահոգիչ է մեզի համար, եւ ժամանակն է, որ անկախութենէն 75 տարի ետք քաղաքական ուժերը վերատեսութեան ենթարկեն պետութեան շահերը եւ որդեգրեն յստակ արտաքին քաղաքականութիւն: Արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ միայն կը հետապնդէ Լիբանանի անվտանգութեան շահերը:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Մապրուք Եա Լուպնան

$
0
0

ՄԵԹՐ ՎԱՐԴԳԷՍ ՇԱՄԼԵԱՆ

Այո՛, շնորհաւորութի՛ւն, ո՜վ Լիբանան, 1943-ին Լիբանանի անկախացման եւ պետութեան ստեղծման 75-ամեակի ոգեկոչման առթիւ:

Հոս, անտեղի է հանրածանօթ պատմական եղելութիւնները կրկնելը, բացի յիշելէ, որ Ֆրանսայի հոգատարութեան տակ գտնուող Լիբանանը, Պըշարա Խուրի նախագահին եւ վարչապետ Սամի Սոլհի օրով, համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին իսկ, զօրավար Տը Կոլի հրահանգով, 22 նոյեմբեր 1943-ին անկախ հռչակուեցաւ:

Նպատակս է երկու խօսքով փորձել արտայայտել Լիբանանի հանդէպ լիբանանահայութեան ունեցած սիրոյ, մեծարանքի եւ երախտագիտութեան զգացումները (զգացումներ, որոնք անջատ են Հայաստանի հանդէպ մեր ունեցած անպարագիծ սէրէն):

Արդարեւ, Մեծ եղեռնէն ետք ու մինչեւ այսօր հայութիւնը կը վայելէ ո՛չ միայն գեղեցիկ Լիբանանի հիւրընկալութիւնը, այլ նաեւ, շնորհիւ համայնքային համակարգի գոյութեան, այլազան կրօնքի եւ դաւանանքի պատկանող համայնքներու նման, համահաւասար եւ լիիրաւ քաղաքացիի իրաւունքներ ունինք, պետութեան կառավարման կը մասնակցինք հայ նախարարներով եւ երեսփոխաններով եւ այլն:

Ու թէեւ մասամբ նօսրացած, սակայն համատարած սփիւռքեան հայ համայնքներու մէջ ազգային, եկեղեցական (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան), կուսակցական կառոյցներու կիզակէտերը տակաւին Լիբանանի մէջ են (կառոյցներ, որոնք պէտք չէ քանդուին): Լիբանանի պետութեան մէջ, որոշ մարզերու մէջ փոքր պետութիւն մըն ալ մեր համայնքն է, որ կը գործէ Ազգային սահմանադրութեան սկզբունքներով (ունինք հայկական երեսփոխանական ժողով, դատաստանական խորհուրդ, ուսումնական խորհուրդ եւ այլազան մարմիններ):

Լիբանանի հանդէպ մեր եւ այլ համայնքներու ալ ունեցած սիրոյ եւ մեծարանքի օրինակ մը յիշեմ:

Մոնրէալի մէջ Լիբանանի հիւպատոսարանը ամէն տարի, անկախութեան ոգեկոչման տօնակատարութիւն մը կը կազմակերպէ` հրաւիրելով  լիբանանեան կազմակերպութիւնները, որոնց կարգին հայ համայնքի ներկայացուցիչը, Առաջնորդ սրբազանը` իր հետեւորդներով, եւ զիս` իբրեւ նախկին երեսփոխան:

Եւ արժէ տեսնել, որ Լիբանանի հանդէպ իրենց սէրը, մեծարանքը եւ կապուածութիւնը արտայայտելու իբրեւ ապացոյց, հակառակ Քանատայի ցուրտին ու ձիւնին եւ ապահովական միջոցառումներու, հրաւիրեալները (կրօնաւորներ, աշխարհականներ, իսլամներ` իրենց շէյխերով) ինչպէ՛ս իրար խառնուած, հրմշտուքով կը խուժեն հանդիսասրահ` իրենց շնորհակալութիւնները փոխանցելու Լիբանանի պետութիւնը ներկայացնող օրուան հիւպատոսին:

Նոյն տեսարանը պարզուեցաւ երեսփոխանական վերջին ընտրութիւններուն առթիւ, եւ շատեր, ցուրտին ու անձրեւին շարքի սպասելէ ետք չկրցան նոյնիսկ քուէարկել` ճշդուած ժամկէտը հասած ըլլալով:

Նշեմ նաեւ զուտ անձնական ապացոյց մը, նկատի ունենալով, որ ընտանիքիս մէջ եւս, ես ու տիկինս ամէն առթիւ Լիբանան, Լիբանան «կը հոլովենք», զաւակներէս մէկը օր մը ըսաւ. «Դուք ֆիզիքապէս Քանատա կ՛ապրիք, սակայն մտքով, հոգիով տակաւին Լիբանան կ՛ապրիք…»:

Վերջացնեմ` այս առթիւ մաղթելով, որ հակառակ Միջին Արեւելքի (ինչպէս նաեւ ներքին) քաղաքական ապակայունացման իրավիճակին, Լիբանանը մնայ ազատ, անկախ եւ անբաժան:

 

 

Փոքր Հողատարածք, Մե՜ծ Երազներ (75-ամեակ)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Համայնքականութիւնը եւ յարանուանականութիւնը մեր մահն են,
իսկ լուծումը աշխարհիկ կարգերու հաստատման մէջ կը կայանայ:

Դոկտ. Հասան Համատէ
(Վաստակաւոր գրող եւ քաղաքական վերլուծաբան) 
«ԱԶԴԱԿ», 24-11- 2017

Այս պարագային, ստուգապէս, մահուան պատճառները գիտենք: Գիտակից ենք նաեւ լուծման հնարաւոր ճանապարհին: Ուրեմն, ի՛նչ եզրակացնել: Առածը կ՛ըսէ. «Ո՞ւր թաղուած է շան գլուխը»: Իսկ ժողովուրդը` իր կարգին կ՛աւելցնէ, թէ Լիբանան անունով երկրին համար անհրաժեշտ են հետեւեալները` քաղաքացիական խոր ըմբռնում, պատասխանատուութեան զգացում եւ պետական մտածողութիւն:

Արդ, տարօրինակը այն է, որ աւելի քան եօթը տասնամեակէ, տակաւին լիբանանցին ու իրմէ ծնունդ առած պատասխանատու փաղանգներ չեն կրցած կամ չեն ուզեր հասկնալ վերեւ յիշուած արժեչափերը, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ կերտել բոլորիս երազած երկիր-պետութիւնը:

Մինչ այդ օրը, հաստատենք, որ այնքան ատեն որ Լիբանան չունի լիիրաւ անկախութիւն եւ ինքնիշխան պետական կարգավիճակ, մեր արդար իրաւունքն է, իբրեւ քաղաքացիներ, ըսել ճշմարիտը, յայտնել մեր զգացումները եւ լոյսին բերել իւրաքանչիւրիս ներսիդին «պահուըտած» հարցադրումներու տարափը:

Պահուըտած, ոչ թէ անոր համար, որ չունինք յախուռն կեցուածք զանոնք արտաբերելու, այլ որովհետեւ վստահ ենք, որ իրերայաջորդ սերունդներ, 75 տարի է, նոյն դառնութեամբ յիշած ու ապրած են դժուարին պահերը այս երկրին, ընդգծած, այսպէս ըսած, բարիքներն անգամ, այդուամենայնիւ հարցադրումները մնացած են անպատասխան ու ենթակայ` այս կամ այն կողմի քմահաճոյքին եւ քաղաքական շահարկումներուն:

Իսկ որո՞նք են այս կամ այն կողմերը, եթէ ոչ անոնք, որոնք բաղկացուցիչ տարրերն (համայնքները) են այս երկրին, քաղաքացիները, բնակիչները, նոյնիսկ ազգակիցներ, որոնք աւելի քան եօթանասուն տարի է կը փորձեն զիրար հասկնալ, ըմբռնել ու հասարակաց նպատակ թէ գերագոյն արժէքներ ձեւաւորել, սակայն չեն յաջողիր ու միշտ կը տուայտին` փորձելով տառապանքներու մէջ  գտնել փրկութեան լաստը, յոյսի նշոյլը:

Տառապանք, որ, ըստ էութեան, չ՛առնչուիր մարդկային ցաւերու թէ մորմոքներու, այլ անիկա, հոս, այս երկրին մէջ կ՛արտացոլայ անսովոր ու անտրամաբանական արարքներու ընդմէջէն, այսինքն` եղբայրասպան ու քաղաքացիական պատերազմ, քանդում, աւեր, փտածութիւն, պետական կառավարման կեղծ ու ստապատիր համակարգ, քաղաքական կարելիութիւններու չարաշահում, Սահմանադրութեան ըստ կամի բացատրութիւն, կողոպուտի բարձր համեմատութիւն, ապազգային կողմնորոշում, քաղաքական շահամոլ կեցուածքներ եւ մասամբ նորին:

Միւս կողմէ, այս հողատարածքին վրայ ապրած տարբեր սերունդներ շարունակած են երազե~լ յանուն վաղուան, արարել գալիքի հաշուոյն եւ արիւն թափել վասն մայրիներու պաշտպանութեան: Մայրիներ հազարամեայ, որոնք խորհրդանիշ են եղած տոկունութեան եւ քաղաքակրթական նուաճումներու:

1943: Պատմական եւ անկիւնադարձային թուական:

Երբեմնի գաղութարար Ֆրանսա, յետ ներլիբանանեան ցնցումներու, ուժեղ ընդդիմութեան եւ աշխարհաքաղաքական դասաւորումներու, կը բարեհաճի Լիբանանի ու անոր ժողովուրդին շնորհել անկախութիւն, որուն կենսագործման ցարդ կը սպասենք բոլորս` առանց խտրութեան:

Եւ ահա հարցադրումներուն ամէնէն դիպուկ օրինակը, որ կ՛ընդգրկէ հակասութիւններու ամբողջ շարան մը, խառնափնթոր վիճակ ու քաղաքական կեանքի անորոշութիւն:

Արդեօք Լիբանան երկիրը իրապէս անկա՞խ է, ունենալով հանդերձ պետական կարգ ու սարք, դրօշակ, ազգային քայլերգ ու բանակ: Միւս կողմէ, ինչպէ՞ս հարկ է հասկնալ նման արժէքներու գոյութիւնը, երբ տակաւին այս հողին վրայ ապրող ժողովուրդը, ըստ երեւոյթին, վարժ  չէ լիարժէքօրէն պետական կեանք վարելու եւ քաղաքական միտք ու մշակոյթ զարգացնելու:

Ահա բարացուցական հաստատում մը:

Կ՛ըսուի, եւ բարձրաձայն, յարգելով հանդերձ տուեալ պետական մարդու կամ ղեկավարի ժողովրդանուէր մօտեցումը, անշահախնդիր գործելաձեւն ու քաղաքական մտքի հասունութիւնը, աւելի՛ն. Լիբանան պետութիւն կերտելու անոր մտադրութիւնը, փաստօրէն, դժուար թէ ան կարենայ հասնիլ իր նպատակին, որովհետեւ գոյութիւն ունեցող լիբանանեան քաղաքական պահուածքով կարելի չէ պետութիւն կերտել:

Արդ, ինչո՛ւ խուսափիլ ճշմարտութիւնը յայտնելէ, երբ անդին առկայ է այն փրկարար ճանապարհը, որով կարելի պիտի ըլլայ կերտել նոր Լիբանան:

Կը պատմուի, թէ կար ժամանակ, նախապատերազմեան շրջանին, երբ Լիբանանի վերապահուած էր որոշակի քաղաքական դերակատարութիւն, միջինարեւելեան քաղաքական թատերաբեմին վրայ, պարզապէս կեդրոն եւ ապաստան հանդիսանալով` միջազգային բազմաբնոյթ սպասարկութիւններու եւ որոշումի կեդրոններու, որոնք, այսպէս ըսած, ջատագովն էին կայուն եւ բարգաւաճ Լիբանանի կերտումին: Նման բարենպաստ իրավիճակէ օգտուած են օրուան պետական առաջնորդները եւ հետամուտ են եղած` պետութեան կերտումի աշխատանքին:

Այս առումով, ատենի նորակախ երկիրի իշխանութիւններ առիթը պատեհ գտնելով լծուեր են ինքնակայացման աշխատանքի, պետական կառոյցներու հաստատման եւ տակաւ զարգացման: Հետաքրքրական է, որ տուեալ ժամանակի տարբեր փուլերուն Լիբանան ունեցեր է յարաբերաբար ուժեղ պետական-զինուորական (գաղտնի սպասարկութիւն) համակարգ, որուն իբրեւ հետեւանք կրցած է լաւապէս պաշտպանուիլ եւ որոշակի ապահովութիւն ձեռք բերել:

Այս բոլորի մատնանշումը կը կատարենք, պարզապէս յստակացնելու, թէ երբեմնի նորանկախ Լիբանանի երկնակամարին տակ ապրեր են պետական մարդիկ, որոնք, հակառակ տիրող համայնքականութեան թէ այլ լպիրշ երեւոյթներու, ստեղծած են համապատասխան մթնոլորտ եւ միջավայր` յանուն երկրի կայացման:

Ուրեմն, 1975 թուականը (քաղաքացիական պատերազմի սկիզբ) կարելի է սեպել այն միջնարարը, որմէ ետք հարկ է խօսիլ «ուրիշ» Լիբանանի մասին, որուն դիմագիծն ու դերակատարութիւնը ենթարկուած է այլասերումի եւ ձեւախեղման:

Փաստօրէն ինչպէ՛ս կարելի է մտահան ընել առկայ հարցերը, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կը շարունակեն իրենց ազդեցութիւնը ունենալ եւ խոչընդոտ հանդիսանալ այս երկրի կայացման: Հարցեր, որոնց դէմ յանդիման հարկ է ցուցաբերել ազգային ըմբռնում, բայց մանաւանդ` պատասխանատուութեան գիտակցութիւն:

Իրերայաջորդ սերունդներ հարց տուած են ու տակաւին կու տան, թէ արդեօք ճշմարտութեան ընդգծումը, հաշուետուութեան կանչելու իրաւունքը, ներքին ահաւոր չարաշահումները չէզոքացնելու եւ համապատասխան արդարադատական համակարգ  ստեղծելու պահանջները լոկ բարբաջանքնե՞ր են այս երկրին մէջ, որոնցմէ կ՛օգտուին բացառաբար այն ղեկավար մարդիկ, որոնք գիտեն նաւարկել ներքին թէ արտաքին ճահճահուտներու մէջ, խաբել ու պատրանքներ սնուցել եւ, աւարտին, իւրացնել հարստութեան գանձարկղը:

Ո՞ւր է այն պետական մտածողութիւնը, որ պիտի կարենայ նուազագոյն վնասով դուրս գալ աշխարհաքաղաքական ցնցումներէ, Միջին Արեւելքի նորովի քարտէսագրումէ, գերպետութիւններու ուժեղ ազդեցութիւններէ, տնտեսական թէ քաղաքական ահաւոր ճնշումներէ, միջհամայնքային թէ յարանուանական յարուցուած հարցերէ, իսլամ-քրիստոնեայ քաղաքական շահարկումներէ, պետական թէ իշխանութիւններու մակարդակի արմատ նետած փտածութենէ, արեւելումի թէ կողմնորոշումի պարտադրանքէ, արտագաղթէ եւ այլն, եւ այլն:

Լիբանանցի ժողովուրդին ընդվզումն ու պոռթկումը այնքան խոր է, եւ արդարօրէն, որ անոր մօտեցումներն ու ընդգծումները երկրին ու տիրող կացութեան մասին կարելի չէ սեւով ճերմակին յանձնել, պարզապէս որովհետեւ պարուրուած են հայհոյալից, վարկաբեկիչ ու ամենաստոր խօսքերով:

Իրօք, գեհենային վիճակի համազօր է լիբանանցիի առօրեան, երբ մարդկային ու տարրական իրաւունքներ դադրած են գոյութիւն ունենալէ, երբ հրէշային ու բարբարոս քաղաքական որոշումներ աւելիով կը գերեզմանեն քաղաքացիին կեանքը, երբ ողջմտութիւնը, մարդկայնութիւնը, կրօնքն ու ազգային պատկանելիութիւնը դարձած են հնաբոյր խօսքեր ու վարքագիծ:

Յամեցող լուծման տարբերա՞կը, յստակ է ու մէկին: Ո՛չ ժողովուրդի ըմբոստութիւնը, ո՛՛չ ալ քաղաքական համակարգի տապալումը կրնան այս երկիրը փրկել. ասոնք անիրականանալի քայլեր են, թէեւ փորձուած եւ համտեսուած:

Այո՛, աշխարհիկ կարգերն են լուծման տարբերակը, բայց անոնց իրականացումը` երազներ: Որովհետեւ քաղաքական վերնախաւեր կը ձեւաւորուին լիբանանեան պահուածքով, որ ժառանգն է եղած եղբայրական Ֆրանսայի:

Ու այդ վերնախաւը, այսպէս ըսած, խորունկ պետութիւնը, պիտի շարունակէ վերարտադրել ինքզինք, այլապէս կեղեքել ու յօշոտել ժողովուրդը` յանուն ապագայ Լիբանանի կերտումին:

Արդ, մեծագոյն բացական քաղաքացիական կրթութիւնն է ու անոր յաջորդող պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, ՀԱՅՐԵՆԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ:

Լեռներու գագաթին թառած հազարամեայ մայրիներու գեղեցկութիւնը պիտի շարունակեն հրապուրել մեզ այնքան ատեն որ մենք` քաղաքացիներս անդրադառնանք եւ զգաստանանք, որ ամեակները սոսկ թուանշաններ են, երբ անոնց կը պակսին բովանդակութիւն, որակ, նուիրաբերում, երկիր կերտելու իրաւ աշխատանք ու ծրագրաւորում, ապագան տեսնելու կարողութիւն, սեփական շահերու ուրացում եւ ազգային պահուածքի դրսեւորում, տզրուկ եւ վատահամբաւ  անհատներու հրապարակէ չէզոքացում եւ այլն, եւ այլն:

Լաւատեսօրէն, բարի 75-ամեակ, «Լուպան էլ ախտար»:

19-11-2018


Ներլիբանանեան Մարտահրաւէրները Շրջանցելու Միակ Միջոցը (Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակը այս տարի կը նշենք ներլիբանանեան ճգնաժամի նոր փուլի մը մէջ: Իրականութեան մէջ ներքին քաղաքական տագնապները օր մըն ալ չեն պակսած այս փոքր երկրին մէջ, բայց ներկայ փուլը ամէնէն վտանգաւորն է, իմ անձնական կարծիքովս, Թաէֆի համաձայնագիրի ստորագրութենէն եւ քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ի վեր: Նոյնիսկ աւելի վտանգաւոր է, քան նախորդ ժամանակաշրջանին շուրջ երկու տարի հանրապետութեան նախագահ չունենալը, աւելի վտանգաւոր է նաեւ նախորդ ժամանակաշրջանին շուրջ հինգ տարի խորհրդարանի պաշտօնավարման ժամանակաշրջանի երկարաձգումներէն: Այն ժամանակ գոնէ կար կառավարութիւն մը, որ ստանձնած էր բացակայող նախագահի իրաւասութիւնները եւ լաւ թէ վատ կ՛իշխէր երկրին, եւ կար խորհրդարան, որ թէեւ իր օրինական ժամկէտը աւարտած էր, սակայն հակառակ իր գործունէութեան անդամալուծութեան, տակաւին կը ներկայանար իբրեւ լիբանանցի ժողովուրդին կամքը մարմնաւորող օրէնսդիր իշխանութիւն:

Իսկ հիմա ի՞նչ ունինք գետնին վրայ: Հակառակ ժողովրդավարական հոլովոյթի երկարատեւ կասեցումին, այս տարուան մայիսի 6-ին տեղի ունեցան լիբանանեան խորհրդարանական ընտրութիւնները` Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով համամասնական դրութեան հիման վրայ: Սակայն, հակառակ նոր խորհրդարանի ձեւաւորման եւ խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու հիման վրայ վարչապետ Սաատ Հարիրիի` նոր կառավարութեան կազմութեան յանձնարարութեան ստանձնման, տակաւին 7 ամիսէ ի վեր կառավարութիւնը չէ կազմուած:

Սա կը նշանակէ, որ երկիրը գործադիր իշխանութիւն չունի փաստօրէն, եւ երկրին կառավարման ընթացիկ, նուազագոյն աշխատանքները կը կատարուին նախարարներու պաշտօնակատարներու միջոցով` առանց գործադիրի մակարդակին վրայ մեծ որոշումներ տալ կարենալու: Հետեւաբար  նաեւ, եթէ լիիրաւ գործադիր իշխանութիւն չկայ երկրին մէջ, ուրեմն պիտի կաղայ նաեւ օրէնսդիր իշխանութեան աշխատանքը, որովհետեւ ընդհանրապէս կարեւոր նշանակութիւն ունեցող մեծ օրինագիծերը կամ համաձայնագիրները կառավարութենէն պիտի անցնին խորհրդարան, իսկ խորհրդարանական ընտրութիւններէն մինչեւ հիմա օրէնսդիր իշխանութիւնը զբաղած է միայն անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեամբ` արգիլելու համար, որ երկիրը ուղղուի դէպի յաւելեալ անկում, մասնաւորաբար ելեւմտական եւ տնտեսական մակարդակի վրայ:

Մինչ այդ սակայն, Լիբանանը ստանձնած է միջազգային յանձնառութիւններ` իր տնտեսական վիճակը բարելաւելու համար Փարիզի մէջ գումարուած «Սետր» խորհրդաժողովին ընդմէջէն: Այս խորհրդաժողովի որոշումներուն գործադրութեան համար նախապայման է, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին որդեգրէ ելեւմտական-տնտեսական բարեկարգումներու շարք մը, իսկ այս բարեկարգումները կեանքի պէտք է կոչէ լիիրաւօրէն կազմուած նոր կառավարութիւնը: Այլապէս, եթէ նոր կառավարութիւն շուտով չկազմուի, «Սետր» խորհրդաժողովի ամբողջ իրագործումը առ ոչինչ կրնայ նկատուիլ: Այո՛, «Սետր» խորհրդաժողովին որոշումներուն համաձայն, Լիբանանը վարկային յաւելեալ պարտականութիւններ պիտի ստանձնէ, ինչ որ աւելի պիտի բարձրացնէ երկրին արտաքին պարտքը, բայց միւս կողմէ, ըստ լիբանանցի պետական այրերուն, այս խորհրդաժողովի որոշումները երկրին մէջ դուռ պիտի բանան գործադրելու տնտեսական մեծ ծրագիրներ, որոնք իրենց կարգին պիտի ստեղծեն մօտ 900 հազար աշխատատեղի, ինչ որ մեծ չափով կը շարժէ արդէն իսկ սառած տնտեսական կեանքը:

«Սետր» խորհրդաժողովի որոշումներուն վտանգուած ըլլալէն բացի, 7 ամիսէ ի վեր նոր կառավարութեան կազմուած չըլլալը կը ստեղծէ նաեւ այլ մարտահրաւէրներ, որոնք մեծապէս կ՛ազդեն լիբանանցի քաղաքացիին առօրեային եւ կենցաղին վրայ: Այդ մարտահրաւէրներուն շարքին են աղքատութեան եւ գործազրկութեան համեմատութիւններուն աճը, օրէ-օր ահագնացող ընկերային-տնտեսական հարցերը, նուազագոյն աշխատավարձի անբաւարար ըլլալը` արժանապատիւ կեանք մը ապահովելու համար եւ այլն:

Այս բոլոր հիմնահարցերը, Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակի սեմին, պարզ քաղաքացիին մօտ իրաւամբ ստեղծած են այն տպաւորութիւնը, որ երկիրը այդքան ալ անկախ չէ, այլ մեծապէս կախեալ կը մնայ ներքին եւ յաճախ ալ արտաքին ազդակներէ, որոնք կ՛արգելակեն երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն բնականոն գործունէութիւնը: Պարզ քաղաքացիին մօտ նաեւ կայ այն տպաւորութիւնը, եւ իրաւացիօրէն, որ ժողովուրդը շահագործումի կ՛ենթարկուի, եւ երկրին քաղաքական վերնախաւին հոգը նոյնիսկ չէ երկրին ու ժողովուրդին ճակատագիրը:

Վաղը Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակն է, եւ տակաւին, 7 ամիսէ ի վեր կառավարութիւն գոյութիւն չունի: Ասիկա առիթ է, որ ժողովուրդը իր ցասումի եւ բողոքի ձայնը բարձրացնէ երկրին մէջ տիրող այս անբնական վիճակին դէմ: Նաեւ ասիկա առիթ է երկրին պետական այրերուն համար, որ լսեն ժողովուրդին արդար պոռթկումի ձայնը, վեր կենան անձնական ու խմբակային շահերէն, թեթեւցնեն համայնքային լարումի հռետորաբանութիւնը եւ երկրին ու ժողովուրդին ազգային շահերը վեր դասեն ամէն նկատառումէ:

Այսօր, Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին, առաջնահերթութիւններու առաջնահերթութիւնը կը մնայ զուտ լիբանանեան արտադրութիւն եղող կառավարութեան մը կազմութիւնը, իսկ ներլիբանանեան մարտահրաւէրները շրջանցելու միակ միջոցն է ազգային միասնականութեան ամրապնդումը, առանց որուն Լիբանանը պարզապէս կը դառնայ պարտադրաբար իրարու հետ ապրող համայնքներու համադաշնակցութիւն: Եւ Աստուած մի՛ արասցէ, որ այդպէս ըլլայ:

 

 

Առաջնորդական Պատգամ` Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով

$
0
0

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

Սիրելի՛ լիբանանցիներ,

Անկախութիւնը հաւաքականութիւններու գոյութիւնը երաշխաւորող եւ ընկերութեան զարգացման նպաստող էական արժէք է, որուն պահպանումը կ՛ենթադրէ հաւաքական պատասխանատուութիւն եւ ազգային գիտակցութիւն:

Լիբանանի ժողովուրդը անկախութեան տէր կանգնելու համար նահատակներ տուած է` դէմ յանդիման կանգնելով Օսմանեան կայսրութեան եւ այլ հաւաքականութիւններու անմարդկային ոճիրներուն եւ ճնշումներուն: Անկախութիւն մը, որուն գինը լիբանանցիները շատ սուղ վճարած են, եւ որուն պատմական արժէքը լաւապէս պէտք է մատուցուի նորահաս սերունդին, որպէսզի երիտասարդները դաստիարակուին անկախութեան հիմնադիրներու ազգանուէր կամքով:

75-ամեայ պետականութիւնը ներքին եւ արտաքին ցնցումներու ենթարկուելով, քաղաքացիական պատերազմի սոսկալի օրերը ապրելով եւ արտաքին թշնամիներու յարձակումներուն ենթարկուելով հանդերձ, կանգուն մնացած է, որովհետեւ խարսխուած է միջհամայնքային համերաշխութեան եւ ներդաշնակ ապրելու սկզբունքին վրայ:

Այսօր ալ Լիբանանը դժբախտաբար դժուարին օրերու մէջ կը գտնուի, եւ ներկայիս աւելի քան երբեք կարիքն ունի երկրի բոլոր համայնքներու համագործակցութեան: Միայն սիրով, փոխադարձ զիջումներով, հաւաքական հասկացողութեամբ եւ ընդհանրական տեսլականով կարելի է անկախութիւնը պահպանել, այլապէս` հատուածականութիւնը, համայնքային նեղ շահերն ու տեղական մտածողութիւնները կրնան գործել այնպիսի աւերներ, որոնց փորձառութիւնը անցեալին ապրած ենք, եւ այսօր մեզմէ ոչ մէկը կ՛ուզէ, որ այդ օրերը վերադառնան:

Այս ծիրին մէջ, Լիբանանահայութիւնը Լիբանանի անկախութեան առաջին իսկ օրերէն ի վեր ե՛ւ գաղափարապէս, ե՛ւ գործնապէս զօրավիգ կանգնած է Լիբանանի անկախութեան պահպանման գրաւականին: Տասնեակ տարիներու ընթացքին լիբանանահայեր տարբեր բնագաւառներու մէջ եւ իրենց կարելիութիւններու շրջագիծին մէջ նպաստած են երկրի տնտեսութեան, արուեստի, մշակոյթի եւ այլ մարզերու զարգացման ճիգերուն: Ինչպէս երէկ, այսօր եւս վստահաբար լիբանանահայութիւնը իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս պիտի դնէ Լիբանան հայրենիքի ծաղկման եւ պետականաշինութեան ճիգերուն:

Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով, կը մաղթենք, որ հայրենիքին մէջ գերիշխանութիւնն ու պետականութիւնը պահպանուին, ընկերային-տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարուին, եւ ժողովրդավարութիւնը առաւել եւս ամրագրուի: Հասարակութիւնը կը դիմագրաւէ բազմատեսակ մարտահրաւէրներ, որոնց յաղթահարման համար պետական այրերը անշահախնդիր կերպով պէտք է խօսքի սահմաններէն անցնին հետեւողական, բծախնդիր եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի:

Լիբանանի խորհրդանիշ մայրիները մշտադալար են եւ բոլոր արգելքներուն դիմաց մնացած են կանգուն: Թող այդ ամուր ոգին դրոշմուի մեզմէ իւրաքանչիւրի սրտին մէջ, եւ այդ շունչով հաւաքաբար լծուինք անկախութիւնը պահպանելու սրբազան առաքելութեան:

 

22 նոյեմբեր 2018
Պէյրութ-Լիբանան

Ժողովուրդն Է Աղբիւրը Անկախութեան Եւ Ազատութեան

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Համաժողովրդային ցնծութեամբ չէ, որ Լիբանան այսօր կը դիմաւորէ անկախութեան 75-ամեակը:

Ընդհանուր դժգոհութեան, յուսաբեկութեան, անտարբերութեան թէ կեղծիքի մթնոլորտ կը տիրէ ամէնուրեք:

Լիբանանցի ժողովուրդին համար այսօր փտածութիւնը, ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապը, տնտեսական անհեռանկար իրավիճակը, կենսոլորտային խնդիրը, խճողումը, եւ դեռ ազատութիւններու որոշակի կաշկանդումները գերակշիռ դարձած են, քան երկրի անկախութեան տօնը եւ պաշտօնական մակարդակի վրայ կազմակերպուած տօնախմբութիւնները, զինուորական տողանցքը, յուշարձանի կանգնեցումը, ծաղկեպսակներու զետեղումը եւ հրապարակներու դրօշազարդումը:

Համատարած դժգոհութիւն է ամէնուրեք եւ ցասում:

Լիբանանցի քաղաքացին դժգոհ է ամէն ինչէ: Դժգոհ է իր առօրեայէն, գործէն, ընտանիքէն, շրջապատէն, տակաւին երէկ իր քուէով (երբեմն ալ ընտրակաշառքով…) խորհրդարան հասցուցած երեսփոխանէն, քաղաքապետէն, թաղապետէն, պետական պաշտօնեայէն:

Դժգոհ է նոյնիսկ զինեալ ուժերէն: Մէկ օրուան խճողումը միայն բաւարար էր, որ մարդիկ անիծեն ամէն ինչ, ամէն արժէք, ամէն զոհողութիւն:

Ճիշդ կամ սխալ, արդար թէ անարդար, տեղի թէ անտեղի, այս է իրականութիւնը եւ ընդհանուր մթնոլորտը Լիբանանի մէջ, անկախութեան 75-ամեակի այսօրը:

Բուն խնդիրը այլ տեղ է սակայն:

Փաստօրէն 1943-էն ասդին կարելի չէ եղած ստեղծել Լիբանան հայրենիք: Ստեղծուած են հայրենիքանման կղզիներ, հայրենիքներու համադաշնակցութիւն, աւատապետներու գոյակցութիւն:

Կարելի չէ եղած ստեղծել մէկ ու միակ պետութիւն: Իւրաքանչիւր համայնք ստեղծած է պետութեան իր տեսակը` տարբեր անուններու եւ նպատակներու տակ:

Կարելի չէ եղած ստեղծել լիբանանցի քաղաքացիի տիպարը, որուն համար լիբանանեան պատկանելիութիւնը ըլլայ գերադաս ու առաջնահերթ` իր կուսակցական, շրջանի թէ համայնքի պատկանելիութենէն:

Քաղաքացի ու քաղաքական ուժ, որ կարենայ առաջնահերթ նկատել ներլիբանանեան դաշնակցութիւնները, շրջանային թէ անդրովկիանոսեան դաշինքներէ:

Այո՛, 75 տարուան մէջ մենք չկրցանք կերտել միաձոյլ Լիբանան մը` իբրեւ հայրենիք, պետութիւն, քաղաքացի ու հաւատարմութիւն:

Շահագործուեցան կրօնական տարբերութիւնները, համայնքային պատկանելիութիւնները, տարբեր ճակատներու վրայ ինկած նահատակները, տնտեսական դժուարութիւնները, յաճախակի այլեւայլ տագնապները, կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերը, բարգաւաճման ծրագիրները, հաւասարակշռուած զարգացումի սկզբունքը հայրենիքի, պետականութեան եւ քաղաքացիի կերտման անունով, սեփական, նեղ կուսակցական շահեր ապահովելու ու յաճախ նաեւ արտաքին պատուիրատուներու գոհացում տալու համար:

Այս բոլորին գիտակցելով հանդերձ, այսօր պարտաւոր ենք հաւաքաբար նշել Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակը:

Տեւաբար կրկնած ենք` անկախութեան տիրանալը դժուար է, սակայն զայն պահելն է հիմնականը:

Դժուար է ազատութեան հասնիլ: Ազատ մնալն ու ազատութիւնը կիրարկելն է հիմնականը: Ազատ ապրիլն է հիմնականը:

Անկախութիւն եւ Ազատութիւն պատասխանատուութիւն կը պահանջէ: Անպատասխանատուութիւնը կ՛առաջնորդէ անկախութեան քանդումին եւ ազատութեան ոտնակոխումին:

Անկախութիւնը երկրի մը նախագահը, խորհրդարանի նախագահը, վարչապետն ու քաղաքական աւագանին չեն: Անոնք պետութեան անկախ ու ազատ ապրելու եւ նաւարկելու անհրաժեշտ տարրերն են:

Անկախութիւնը երկրի մը ազատ մտածող ժողովուրդն է` իր բոլոր խաւերով: Ժողովուրդ մը, որ գիտէ իր իրաւունքը եւ կը կատարէ իր պարտաւորութիւնը, ժողովուրդ մը, որ գիտէ ազատութիւնը չշահագործել, այլ զայն դնել ի սպաս իր հայրենիքի զարգացման ու ամրապնդման: Ժողովուրդ մը, որուն քաղաքացիները երբ պայքարին փտածութեան դէմ, կը մերժեն անձնական գործի անօրէնութիւնները, կը մերժեն հակաօրինական աշխատանքները եւ լիբանանեան հասկացողութեամբ «ճարպիկութիւնը»:

Անկախութեան ու ազատութեան պահպանումը լիբանանցի ժողովուրդին հաւաքական պատասխանատուութիւնն է:

Ժողովուրդն է աղբիւրը ե՛ւ անկախութեան, ե՛ւ ազատութեան:

Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին կրնա՞նք այս նոր գիտակցութեամբ դիմաւորել գալիք համալիբանանեան տօները:

Կը յուսանք:

Այլապէս իրա՛ւ անկախութիւնը պիտի չգայ:

 

 

Խմբագրական. Անկախութեան Գաղափարի Գերադասման Համար Կազմել Կառավարութիւնը

$
0
0

Այս օրերուն դժուար է առանց բացասական երանգներ հաղորդելու խօսիլ Լիբանանի անկախութեան մասին: Քաղաքացիական համատարած դժգոհութիւնը` ելեկտրականութեան անլոյծ մնացած հարցերէն, մինչեւ ջուրի տագնապ, մինչեւ արտակարգ խճողում, սղաճ եւ կենսամակարդակի կտրուկ նուազում, անցնելով տարբեր ոլորտներու ենթակառուցուածքային խնդիրներու ձգձգում ու առկախում, կը շարունակեն մութին մէջ պահել լիբանանեան հորիզոնը, հեռանկարը:

Հարցերը հիմնովին փոխկապակցուած են: Կառավարութեան կազմութեան ոդիսականը, մէկ հանգոյցի լուծումին յաջորդող նոր հանգուցաւորումը արդէն համոզած են բոլորը, որ կառավարութիւն չկազմելու պատրուակներու շարքին է, որ ականատես կ՛ըլլայ քաղաքացին: Տուրքեր վճարող, ելեկտրականութեան պետական եւ մասնաւոր հայթայթիչներու բարձր հաշուեցոյցերը վճարող, կենսոլորտային հարցեր դիմագրաւող, ջուրի մայր ընկերութեան տարեկան վճարումներ կատարող, միաժամանակ ըմպելի ջուրի ընկերութեան գումար հայթայթողն ու բեռնատար կառքերով ջուր մատակարարողներուն մնայուն յաճախորդ քաղաքացին է, որ Կոտոյին սպասող կարգավիճակի մէջ լուռ, երբեմն պարագայական պոռթկումներ ունենալով անորոշութեան մէջ կը նշէ անկախութեան տօնը:

Բարձր գիտակցական մօտեցում կը պահանջէ, որ երկրէն մեկնելու պատրաստ կամ առնուազն նման ծրագիրի ուղղութեամբ նախապատրաստուող իր զաւկին հոգեբանութեան եւ դժգոհութիւններուն ծանօթ մարդը կարենայ զանազանել այսօրուան իրադրութիւնները երկրի անկախութենէն, գործող իշխանութիւնները պետականութենէն եւ անկախ երկիր պահպանելու սկզբունքային մօտեցումը` դժուարութիւններու առթած դժգոհ իրավիճակէն:

Պէտք չէ նաեւ ունենալ հարցերու մօտալուտ լուծման խաբկանքը: Երկրի համակարգը սահմանադրականօրէն միջհամայնքային ըլլալով իրողապէս նաեւ կը շարունակէ կրել աւատապետական համակարգի որոշակի շարունակութիւնն ու ազդեցութիւնները: Միջաւատապետական բախումներէն միջհամայնքային առեւտուրներ  խաթարած են երկրի ժողովրդավար կարգերը եւ ստուերած` միջհամայնքային համագոյակցութիւնը:

Նախագահական աթոռի երկարատեւ թափուր մնալէն ետք, թեկնածուի շուրջ համախոհութիւնը, ապա խորհրդարանի քուէարկութեամբ նախագահի ընտրութիւնը, նոր մեկնարկ կ՛ապահովէին այս երկրին: Ընթացակարգը նոր զսպանակումով կը շարունակուէր, անցնելու համար վարչապետի թեկնածուի շուրջ սահմանադրական խորհրդակցութիւններուն եւ յանգելու` վարչապետի նշանակումին: Կը յաջորդէր կառավարութեան նշանակումը: Կը թուէր, որ իրադրութիւններու հեզասահ ընթացք մը ապահովուած է` յոյսին որ հորիզոններ բանալով քաղաքացիներուն առջեւ:

Վարչապետի հրաժարականով ստեղծուած տագնապին դիմաց լիբանանեան քաղաքական դաշտն ու հասարակութիւնը կը վերաբերէին ամենայն զգաստութեամբ, սթափութեամբ եւ խոհեմութեամբ: Վարչապետի պատուիրուած հրաժարականի մերժումով  ամբողջ Լիբանանը տէր կը կանգնէր պատանդուած վիճակի մէջ գտնուող պետութեան երրորդ դէմքին եւ կը պահանջէր անոր վերադարձը:

Համալիբանանեան այս իրերայաջորդ դրսեւորումները կը վերադառնային ի շրջանս իւր, երբ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաջորդած վարչապետի նշանակումէն ետք վերստին կը սկսէր կառավարութեան կազմութեան պարանաձգութիւնը:

Մինչ, ֆինանսատնտեսական վիճակի վատթարացման կանխատեսումները կը սկսէին գրաւել տպագիր, եթերային եւ ելեկտրոնային լրատուադաշտերու բոլոր տիրոյթները:

Անկախութեան գաղափարին նկատմամբ, հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն եւ տիրող բացասական մթնոլորտին, բոլոր ժամանակներէն աւելի հրամայական է նոր իրավիճակի ստեղծման համար շարունակել սկսած, սակայն ընդհատուած համալիբանանեան քաղաքական կամքի դրսեւորումի շարքը: Աւանդութիւն դարձած խոչընդոտող փուլերը որքան ալ պարտադրուին արտալիբանանեան կեդրոններէ, դժուար կը կայանան, եթէ գոյացած է համալիբանանեան միանշանակ կեցուածքը` շարունակելու սահմանադրական ընթացակարգը եւ չհատելու օրէնսդիր, գործադիր եւ պետական տարբեր բաժանմունքներու ձեւաւորման գործընթացի արգելակող սահմանները:

Այո՛. հարցերը փոխկապակցուած են. վերացնելու համար ահագնացող քաղաքացիական դժգոհութիւնները, անհրաժեշտ է գիտակցիլ անկախութեան գաղափարի գերադասումին, որուն համար ալ անհրաժեշտ է ձեւաւորել, կազմել եւ անյապաղ գործի լծել կառավարութիւնը: Լուծելու համար քաղաքացիներուն կողմէ արդարօրէն բարձրացող խնդիրներու ստուար եւ հետզհետէ աւելի ստուարացող թղթածրարները:

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակ. Արամ Մանուկեանի Մահուան Առիթով «Աշխատանք» Թերթին Բացառիկ Թիւը Եւ Արամի Յուղարկաւորութիւնը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՀՅԴ Հայաստանի պաշտօնաթերթ «Աշխատանք»-ը Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ (որոշ ժամանակ միա՛յն արեւմտահայերէնով, ապա աւելի ուշ` երբեմն նաեւ արեւելահայերէն յօդուածներ հրատարակելով) 4 մայիս 1916-էն սկսեալ, մինչեւ13 սեպտեմբեր 1919, նախ չորեքշաբթի եւ շաբաթ օրերը, ապա 1919-ին երկօրեայ` իբրեւ շարունակութիւն Վանի մէջ 1909-1915 լոյս տեսնող նոյնանուն ՀՅԴ պաշտօնաթերթին` «Օրգան ՀՅԴաշնակցութեան Երկրի Կեդրոնական կոմիտէի»: Խմբագիրներն էին յաջորդաբար Մատթէոս Աւետիսեան, Արամ Մանուկեան, Օննիկ Մխիթարեան եւ Հմայեակ Մանուկեան: «Աշխատանք»-ին եւ «Զանգ»-ին (ՀՅԴ պաշտօնաթերթ, 9 նոյեմբեր 1917-էն 27 փետրուար 1919) կը յաջորդէ «Յառաջ» օրաթերթը, որուն առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 20 սեպտեմբեր 1919-ին:

«Աշխատանք»-ի առաջին թիւը

«Իբրեւ (ներքին գործոց) նախարար Արամ ժողովուրդին սիրելին էր: Ան զուսպ ու համեստ կեանք կ՛ապրէր: Անոր նորակազմ ընտանիքը ոչինչով կը տարբերէր հասարակ ժողովուրդէն: Անմռունչ կը կրէր ժողովուրդին ցաւերն ու դժուարութիւնները: Հրաժարած էր բոլոր առանձնաշնորհումներէն, որոնցմէ կառավարութեան անդամները կրնային օգտուիլ: Հրաժարած էր նաեւ ծառայողական ինքնաշարժէն: Վանի մէջ, երբ իրեն կ՛այցելէ ընկերը` ականաւոր գործիչ Ռուբէն Տէր-Մինասեանը, կը զարմանայ անոր կենցաղավարութեան վրայ: Հետագային Ռուբէնը իր յուշերուն մէջ գրած է. «… Չորս պատ, չորս աթոռ, ո՛չ սեղան, ո՛չ էլ մահճակալ… »: Նոյնքան անշուք էր Երեւանի բնակարանը: Երբ ընկերները այդ մասին դիտողութիւն կ՛ընէին, ան կը պատասխանէր` «Դատարկ բաներով մի՛ մտահոգուէք» (1):

Եւ այսպէս, հզօր, բայց համեստ հսկան «անմռունչ կը կրէ ժողովուրդին ցաւերն ու դժուարութիւնները» եւ կը մահանայ, վարակուելով իր ժողովուրդէն շատերուն նման, բծաւոր տիֆ համաճարակէն, որ վարակած էր Հայաստանը: Մահուան գոյժը սուգի կը մատնէ համայն հայ ժողովուրդը:

Իր խմբագրած «Աշխատանք» թերթը մահուան առիթով 12 փետրուար 1919-ին կը հրատարակէ 52 էջ ծաւալուն բացառիկը (2), ուր գրութիւններ ունին օրուան պետական, կուսակցական գործիչներ, ընկերներ եւ սգակիցներ: Օննիկ Մխիթարեանը այսպէս կը սկսի բացառիկին առաջին յօդուածը.

«Մահը խլեց մեզմէ նաեւ Արամը…

«Ռոստոմի մահէն ետք Արամի կորուստը կատարեալ աղէտ մըն է: Անփոխարինելի կորուստ մը հայ ժողովուրդին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ մանաւանդ Վասպուրականի հայութեան համար:

«Աշխատանք»-ի բացառիկ թիւը եւ բովանդակութիւնը

«Արամը մեր կեանքի սիւնն էր, հոյակապ ու հաստատ, որ ամուր կը պահէր մեր դիմադրական շէնքը, մեր կազմակերպութիւնը, մեր ժողովուրդին հասարակական պաշտպանութեան եւ յարատեւ աշխատանքի գործը:

«Իր կեանքի ամբողջ կենսունակ երիտասարդութիւնը, իր բովանդակ կեանքը ան նուիրեց Հայ դատին, հայ ժողովուրդի մեծ տառապանքին` հանդիսանալով հայ վիշտի, հայ ազատամարտի եւ հայ ստեղծագործ աշխատանքի մարմնացումը, անոր ոգին… »:

Ստորեւ ամբողջութեամբ կը ներկայացուի 44-րդ էջի «Արամի մահն ու թաղումը» հաղորդագրութիւնը` կարգ մը տեղեր ամբողջացնելով զայն «Զանգ» թերթի Մ. Աւետիսեանի «Արամի թաղումը» թղթակցութեամբ, պարբերութիւնները` «Զանգ»  գրութեամբ մատնանշուած եւ արեւմտահայերէնի վերածուած (3):

«Դաշնակցութեան նախահայր Ռոստոմի մահէն ետք, միաժամանակ, յունուար 29-ի կէսօրին, ժամը 2:30-ին Դաշնակցութեան միջին սերունդի լաւագոյն ներկայացուցիչ Արամի մահը պատահեցաւ, որ շանթահարեց Երեւանի ընկերներն ու հասարակութիւնը:

«Անմիջապէս Դաշնակցութեան բարձրագոյն, տեղական եւ Արեւմտահայ մարմինները յայտարարեցին յատուկ մահագոյժեր:

«Նոյն օրը ժամը 6-ին (18:00), այդ յայտարարութիւններուն համաձայն, տեղի ունեցաւ ամբիծք* հանգուցեալին բնակարանը, ուր ներկայ էին կուսակցական բոլոր մարմինները` ամբողջական կազմով, նախարարներն ու կառավարութեան անդամները:

«Նոյն երեկոյեան ժամը 7-ին «Աշխատանք»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ արեւմտահայ դաշնակցական մարմիններու ներկայացուցչական ժողովը, որ որոշեց.

Ա. Պսակներ զետեղել Վասպուրականի Դաշնակցութեան, «Աշխատանք» թերթի, ինչպէս նաեւ «Վասպուրականի Հայ կանանց միութեան» կողմէ:
Բ. «Վասպուրականի Հայ կանանց միութեան» յանձնարարել, որ թաղման օրուան համար պատրաստէ սուգի յատուկ նշաններ` Վասպուրականի դաշնակցականներուն համար:
Գ. Արամի յիշատակին իբրեւ սգապսակ` հրատարակել «Աշխատանք»-ի բացառիկ թիւ:
Դ. Թաղման օրը արեւմտահայ Դաշնակցութեան կողմէ ունենալ երկու պատգամաբեր` Գրիգոր Պուլկարացի եւ Օննիկ Մխիթարեան:
Ե. Թաղման օրը դագաղին առջեւէն տանիլ Վասպուրականի Դաշնակցութեան դրօշակը:

«Հինգշաբթի, յունուար 30-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին խորհրդարանի դաշնակցական ֆրակցիայի սենեակին մէջ ընկ. Սիմոն Վրացեանի նախագահութեամբ հրաւիրուեցաւ դաշնակցական բոլոր մարմիններու ժողովը, ուր որոշուեցաւ.

Ա. Արամի թաղումը կատարել շաբաթ օր (1 փետրուար 1919, ըստ օրացոյցին), առաւօտեան ժամը 11:00-ին, նոր գերեզմանատան Դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ:
Բ. Պսակներ զետեղել դաշնակցական մարմիններուն կողմէ:
Գ. Դաշնակցութեան դրօշակը մէկ շաբաթ (կէս) բարձրացած պահել Դաշնակցութեան տան վրայ:
Դ. Հրատարակել «Զանգ»-ի բացառիկ համար:
Ե. Հիմնել Արամի անուան ֆոնտ:

«Այս առթիւ ժողովը տեղեկացաւ կարգադրիչ կոմիտէի կազմի մասին, որ ընտրուած էր նախարար (Ալեքսանդր) Խատիսեանի կողմէ:

Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին` 5-6-րդ դար, Երեւան, 1931-ին խորհրդային իշխանութեան կողմէ քանդուած:

«Փետրուար 2-ին (վրիպում է` փետրուար 1-ին, ըստ որոշումին, օրացոյցին եւ «Զանգ» թերթին) տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը եւ թաղումը»:

«Զանգ». «Փետրուար 1-ին Երեւանի բոլոր պետական հիմնարկութիւններն ու հաստատութիւնները փակ էին, որովհետեւ այդ օրը հողին պիտի յանձնուէր հայ ժողովուրդի մեծ զաւակներէն մէկը` ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանը: Յուղարկաւորութենէն առաջ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ (5-6-րդ դար, Երեւան, այժմու «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին վայրը, Աստաֆեան, այժմ Աբովեան փողոց, 1931-ին խորհրդային իշխանութեան կողմէ քանդուած) դիմաց, Աստաֆեան փողոցի երկայնքին շարուած ու շղթայ կազմած էր ոստիկանական խումբը, բազմութեան առջեւ կանգնած էր ձիաւոր զօրքը մէջտեղը` ծաղիկի պսակներով զարդարուած թաղման ինքնաշարժը, որուն վրայ կը ծածանէր Դաշնակցութեան սեւ երիզով դրօշը, իսկ ինքնաշարժին շուրջը հետիոտն զօրքը եւ վերջաւորութեան թնդանօթաձիգներու խումբը` իրենց թնդանօթներով»:

«Զանգ». Խուռն բազմութիւնը կանգնած էր Աստաֆեան փողոցի երկարութեամբ եւ լեցուցած էր եկեղեցին ու գաւիթը: Թաղման սգերթին մասնակցելու եկած էին պետական հիմնարկութիւններու, ուսուցչական խումբերու, բարեգործական, կրթական այլ հիմնարկութիւններու, պարբերական հրատարակութիւններու, արհեստակցական միութիւններու, զինուորական գունդերու, զանազան գաւառական համայնքներու ու խումբերու, աշակերտական միութեան, քաղաքական կուսակցութիւններու, կանանց միութիւններու եւ տաճկահայ զանազան ընկերութիւններու, կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչները: Բազմահազար ժողովուրդին ներկայութիւնը իսկական վկայութիւն էր Արամի մեծ ժողովրդականութեան»:

«Ամբողջ եկեղեցական դասը, առաջնորդ Խորէն եպիսկոպոսի նախագահութեամբ, կը կատարէր պատարագի խորհուրդը Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցիին մէջ:

«Արամի դագաղը շրջապատուած էր ցինկով,   դրուած էր եկեղեցւոյ կեդրոնը, ծածկուած բազմաթիւ պսակներով. հազարաւոր ժողովուրդը եկած էր վերջին յարգանքը մատուցելու Արամին:

«Պատարագի խորհուրդէն ետք սրտառուչ դամբանական մը արտասանեց պատարագիչ Խորէն (Մուրատբէկեան, Երեւանի առաջնորդ, ապա` կաթողիկոս) եպիսկոպոսը` վեր առնելով Արամի ժողովրդական մեծութիւնը եւ դերը, զոր ան ունեցաւ մեր ազատագրութեան գործին մէջ»:

«Զանգ». Զանգակներու տխուր ղօղանջը սգաւոր բազմութեան յայտնեց արարողութեան աւարտը եւ զինուորական նուագախումբի մահերգը բազմութիւնը դէպի առաջ շարժեց»:

«Այնուհետեւ դագաղը իր սիրելի վանեցիներուն ուսերուն վրայ դուրս բերուեցաւ եկեղեցիէն հետեւեալ կարգով. թափօրի առջեւէն կ՛երթար ձիաւոր միլիցիական (ոստիկանական) գունդը, որմէ ետք ձեռամբարձ կը տարուէր դագաղին կափարիչը, ապա Դաշնակցութեան դրօշակներ, Վասպուրականի Հայ կանանց ասեղնագործ դրօշակը եւ Միութեան վահանակը նուիրուած միութեան հիմնադիր Արամին, որմէ ետք` շղթայ կազմած միութեան անդամուհիներ եւ Արեւմտահայ օրիորդաց եւ աշակերտներու (ու որբերու) խումբերը իրենց ուսուցիչներով, ապա եկեղեցական դասը Խորէն եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, որմէ ետք Արամի դագաղը պսակներով շրջապատուած եւ մինչեւ գերեզմանատուն բացառապէս վանեցիներու ուսերուն վրայ, ապա պաշտօնակիցները, ապա` հետիոտն զօրքը, իսկ ամէնէն վերջը կառավարական ինքնաշարժ մը` ամբողջովին ծածկուած սեւերով եւ բազմաթիւ պսակներով: Եւ այնուհետեւ` հազարաւոր ժողովուրդ եւ վերջաւորութեան թնդանօթաձիգ խումբը:

«Աշխատանք» 12-2-1919                                    «Զանգ» 9-2-1919

«Զանգ». Խուռն բազմութիւն մը կուտակուած էր դագաղը իր ուսերուն վրայ կրելու համար, կարգապահները հազիւ հնարաւորութիւն ունէին սգերթի կարգը պահելու եւ, իրապէս, չէ՞ որ Արամը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին իր կարող ուսերուն վրայ հայ ժողովուրդին ճակատագրական դառնութիւններուն ամբողջ ծանրութիւնը կրած էր»:

«Թափօրը այդ կարգով հասաւ Դաշնակցութեան տան առջեւ (Աբովեան փողոց), որուն պատշգամէն Արեւելեան Բիւրոյի կողմէ ընկ. Նիկոլ Աղբալեանը արտասանեց հոյակապ ճառ մը` բնորոշելով Արամի ամբողջ էութիւնն ու մեծ դերը` Վանի եւ Երեւանի մեր պատմութեան մէջ:

«Զանգ». Ամփոփ կերպով ան ներկայացուց Արամը` ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ, որուն առաջին շարքերուն գործած էր, նաեւ Դաշնակցութիւնը` իբրեւ հայ ժողովուրդի գեղեցիկ իտէալներուն եւ ձգտումներուն հարազատ մարմնացումն ու ամբողջութիւնը»:

«Զանգ». «Արեւմտահայ եւ Վանի դաշնակցական մարմիններուն կողմէ խօսք առաւ «Աշխատանք»-ի խմբագիր ընկ. Օննիկ Մխիթարեանը` ցաւ յայտնելով Վանի մէջ յեղափոխութիւնը դարբնող մեծ ուսուցիչին մահուան առթիւ. «Արամը չկայ, այլեւս ինչպէ՞ս պիտի վերադառնանք ցաւի ու աւերի հայրենիքը, ինչպէ՞ս պիտի վերստեղծենք այն բոլորը, որ այժմ սեւ ձեռքերով կործանած են, մենք որբեր ենք հիմա, չունինք մեր առաջնորդ Մովսէսը, որ Կարմիր ծովը պատռելով` դարձեալ պիտի առաջնորդէր մեզի աւետեաց երկիրը: Այլեւս ինչպէ՞ս հայ գեղջուկը իր աւերուած հայրենիքը պիտի վերադառնայ, երբ Արամը չկայ, այն կարող ու զօրեղ ձեռքը, որ ցոյց պիտի տար` ի՛նչ կերպով պիտի վերաշինէր քանդուած օճախը եւ մարած կրակը վերստին վառէր»:

«Վէսպէրը (բանաստեղծ) Վարուժանէն (Դանիէլ) արտասանեց` միաժամանակ ցոյց տալով Արամին դերը երկրին մէջ: Այնուհետեւ նոր սերունդին կողմէ խօսք առաւ ընկ. Դաւիթ Մելիք Դադայեանը` երախտագիտութեամբ խոնարհելով Արամին եւ անոր նման բոլոր նահատակներուն առջեւ:

«Զանգ». «Թափօրը յառաջացաւ ու կանգ առաւ խորհրդարանին առջեւ, որուն պատշգամէն կառավարութեան կողմէ խօսք առաւ խնամատարութեան եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար` նախարար (Ալեքսանդր) Խատիսեանը, որ շեշտեց, թէ Արամի մահը ի՛նչ մեծ կորուստ է կառավարութեան համար, թէ` որքան ծանր եղած է գործել այնպիսի նորակազմ կառավարութեան մէջ, որ իր գոյութեան սկիզբէն շրջապատուած էր հազար ու մէկ խոչընդոտներով, եւ որուն գործունէութեան ծրագիրը անորոշ դարձած էր տիրող քաղաքական յեղ յեղուկ պայմաններուն պատճառով: Սակայն Արամը եղած է այն խոհուն, գործունեայ անդամներէն մէկը, որ երբեք չէ կորսնցուցած իր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ ամենածանր փորձութիւններէն դուրս եկած է պարզերես ու պահուն իմաստը իսկութեամբ ըմբռնող»:

«Զանգ». ՀՅԴ Երեւանի կեդրոնական կոմիտէին եւ խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցութեան կողմէ Հայկ Սարգսեանը վեր առաւ Արամի գործօն ու կենդանի մասնակցութիւնը կոմիտէին մէջ` երբեմն անոր տուն տուողը հանդիսանալով: Նոյն պատշգամէն Վանի, արեւմտահայերու նոր սերունդին եւ  որբերուն կողմէ երախտագիտութեան ջերմ խօսքեր արտասանեց ընկ. Ոստանիկը: Ապա թափօրը Բագարնայա (այժմ` Խորենացի), Արխիտեկտորսկայա փողոցներով հասաւ Մոլոկանսկայա (Քրիստափոր) փողոց` ուղղուելով դէպի Միլեր գերեզմանատան ճամբան (այժմ` Արշակունեաց փողոց, իսկ գերեզմանատունը խորհրդային տարիներուն վերացուած` այժմու Կոմիտաս այգիին վայրն էր (4)): Բազմահազար ժողովուրդը, հակառակ ցուրտին, կը շարունակէր ուղեկցիլ հանգուցեալի դագաղին. ցաւը մեծ էր եւ ընդհանրական»:

«Գերեզմանատան մէջ թաղումէն առաջ խօսք առաւ վարչապետ (Յովհաննէս) Քաջազնունին` վերլուծելով կեանքի ու մահուան եւ մարդու մահէն ետք հոգիի անմահութեան գաղտնիքը:

«Զանգ». Ընկ. Քաջազնունին շեշտեց, թէ որքա՜ն ցանկութիւններ անկատար ձգած` Արամը անժամանակ կը հեռանայ մեզմէ դէպի յաւիտենականութիւն, խոր կսկիծի մէջ ձգելով բոլորս: «Գնա՛, ընկ. Արամ, գնա՛, սիրելի՛ եղբայր: Դուն ժողովուրդին հանդէպ քաղաքացիական պարտքդ կատարեցիր, եւ երբ ես ալ կու գամ քովդ, քեզ կը գտնեմ, սիրելի ընկեր, յաւիտենականութեան մէջ, յոյս ունիմ, որ ուրախ լուրեր կու տամ քեզի քու թշուառ հայրենիքէդ, որուն բարօրութեան գործին նուիրեցիր քու ամբողջ գոյութիւնդ»:

«Թնդանօթներու եւ հրացաններու համազարկերու որոտին տակ հողին յանձնեցին Արամը Դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ, (նախարար Խաչատուր) Կարճիկեանին քով, ու հայ ժողովուրդը հրաժեշտ տուաւ Արամի թարմ գերեզմանին»:

Այնուհետեւ, խորհրդային տարիներուն գերեզմանատան վերացման պատճառով, իր այրին` Կատարինէն, գաղտնօրէն, գիշերով, անոր աճիւնը կը տեղափոխէ «Կոզեռնի» գերեզմանատուն, որ 1930-ին քաղաքապետարանի որոշումով նաեւ կը վերցուի եւ կը վերածուի ներկայի «Սիրահարներու» այգիին: Կատարինէն անոր աճիւնը կրկին գաղտնօրէն կը տեղափոխէ այս անգամ Երեւանի «Թոխմախ» կոչուող կեդրոնական գերեզմանատունը, ուր ան կը «հանգչի» ներկայիս:

Արամ Մանուկեանի աճիւնը արժանաւորապէս եւ վերջնականապէս պէտք է հանգչի Եռաբլուրի մէջ:

4 Նոյեմբեր 2018

—————————————

* Ամբիծք = հոգեհանգստեան կարգ հանգուցեալի բնակարանին մէջ:

(1)  https://hy.wikipedia.org/wiki/Արամ_Մանուկեան

(2)  «Աշխատանք» Դ. տարի, թիւ 4, 12 փետրուար 1919, Արամ Մանուկեանի նուիրուած բացառիկ հրատարակութիւն, «Էլէքտրաշարժ» տպարան մայր աթոռոյ Ս. Էջմիածնի, 52 էջ:

(3)  «Զանգ» Գ. տարի, թիւ 16, 9 Փետրուար 1919, Երեւան, էջ 3:

(4)  http://www.aztagdaily.com/archives/280448

 

Ծանուցողական Հաղորդագրութիւն. Մխիթարեան Վարժարանը Խօսքը Կը Վերածէ Գործի

$
0
0
Համագործակցութիւն Ֆինլանտայի Ուսումնական Համակարգին Հետ

Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը իր առաքելութեան սկզբնաւորութեան եւ իր անդրանիկ ուսումնական տարեշրջանի նախօրեակին խոստացաւ իր աշակերտներուն տրամադրել կրթական գերազանցութիւն: Ի կատարումն եւ գործադրութիւն իր այս յանձնառութեան եւ վարժարանի ուսումնական հիմք ընդունելով ֆինլանտական կրթական սկզբունքները` Մխիթարեան վարժարանէն պատուիրակութիւն մը գործուղուեցաւ Ֆինլանտա, որ կը համարուի կրթական աշխարհին մէջ առաջին հորիզոնականը գրաւող երկիրը: Մխիթարեանը եղաւ Լիբանանի մէջ առաջին վարժարանը, որ որոշեց օգտուիլ ֆինլանտական կրթական սկզբունքներէն` աւելի մօտէն ծանօթանալով անոնց կիրարկած մեթոտներուն:

Պատուիրակութիւնը կ՛ընդգրկէր Մխիթարեանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը, վարժարանի կրթական համակարգող Մէյրի Ղազարեան- Կիւրիւնլեանը եւ Մխիթարեան միաբանութեան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մեծաւոր Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեանի օգնական Նարեկ Ճենանեանը:  13-17 նոյեմբեր երկարող այցելութեան ընթացքին պատուիրակութեան անդամները դիտարկումներ կատարեցին Ֆինլանտայի դպրոցներուն մէջ, հետեւեցան հոն գործադրուող կրթական մեթոտներուն եւ արհեստագիտութիւններուն` անոնցմէ հնարաւոր եղած չափով կարենալ պատշաճեցնելու լիբանանեան կրթական կեանքին:

Պատուիրակութիւնը այցելեց զանազան մանկապարտէզներ (6-7 տարեկան աշակերտներ), նախակրթարաններ (7-16 տարեկան աշակերտներ, առաջինէն իններորդ դասարաններ), ինչպէս նաեւ` երկրորդական եւ արհեստից վարժարաններ (10-12-րդ դասարաններ, 16-19 տարեկան աշակերտներ): Նաեւ հանդիպումներ տեղի ունեցան կրթական մարզի մասնագէտներու հետ, որոնք վարժողական դասընթացքներ ներկայացուցին թուայնացման աշխարհին եւ ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու ուսման վերաբերեալ:

Ֆինլանտական կրթութեան մեթոտներն ու գաղտնիքները, ինչպէս նաեւ ուսուցման անհրաժեշտ միջոցները Մխիթարեան վարժարանի ուսուցչակազմի անդամներուն պիտի տրուին մասնագիտական զարգացման զանազան համաժողովներով:

Այցելութիւնը պսակուեցաւ համաձայնագիրի մը ստորագրութեամբ` Մխիթարեանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանի եւ RIVERIA միջազգային կազմակերպութեան տնօրէն Էսա Թարվինենի միջեւ: Սոյն կազմակերպութիւնը Ֆինլանտայի եւ համայն աշխարհի ուսուցիչներ կը մարզէ եւ զանոնք լաւապէս կը պատրաստէ` անոնց ծանօթացնելով ֆինլանտական կրթական յաջողագոյն մշակոյթը:

Մխիթարեան վարժարանի եւ RIVERIA կազմակերպութեան միջեւ սկիզբ առած համագործակցութիւնը, գործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութեամբ, հետագային պիտի շարունակուի յաւելեալ դասընթացքներով, աշակերտներու փոխանակման ծրագիրով, այցելութիւններով եւ համաժողովներով:

Մխիթարեան վարժարանը կը ձգտի ուսումնական գերազանցութիւն ապահովել իր աշակերտներուն եւ ըլլալ ինքնատիպ` իր այս իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ, որ կը գործէ աշակերտակեդրոն ձեւով` պատրաստելու համար յաջողակ աշակերտներ, որոնք երջանիկ են, լաւատես, ունին քննադատական միտք եւ կ՛աշխատին կերտել աւելի լաւ աշխարհ մը:

ԼՐԱՏՈՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Նիկոլենց «իզմ»-ի Հետքերով

$
0
0

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

«Իզմ»- երու ժամանակաշրջանը անցած է` յայտարարած էր Փաշինեան եւ խուսափած` ինքզինք ու իր ղեկավարած ուժը գաղափարական առումով դասակարգելէ: Անցումային շրջանի շեմին գուցէ կարելի էր ժամանակաւորապէս անտեսել այդ անհեթեթ խուսանաւումը. քաղաքական կեանքի բնականոնացման եւ մօտալուտ ամբողջական իշխանափոխութեան լոյսին տակ, սակայն, էապէս կարեւոր է պարզել առաջատար ուժի գաղափարական ու արժեհամակարգային ընկալումները:

Արդէն քիչ-քիչ կ՛ուրուագծուի կառավարող նոր խումբի իզմ-ը, առնուազն` ընկերային-տնտեսական ոլորտին մէջ: Անցումային (եւ` հաւանական հետագայ) կառավարութեան առանցքային ներկայացուցիչներու հնչեցուցած միտքերն ու դաւանած արժէքները յաճախ կատարելապէս կը տեղաւորուին նոր-ազատական տրամաբանութեան եւ արժեհամակարգին մէջ:

Այլ առիթով պէտք է երկար գրել նոր-ազատականութեան մասին: Առայժմ, սակայն, ամփոփ կերպով համրենք որոշ հիմնական սկզբունքները միայն. եւ այսպէս, գործնական նախապատուութիւն` պիզնեսին, շուկայի ազատականացում ու ազատագրում հանրային վերահսկողութենէ, պետութեան ընկերային պարտաւորութիւններու կրճատում եւ արդար բաշխում ապահովելու պատասխանատուութեան թօթափում. «ամէն ինչ շուկան թող ընէ»… հոգ չէ թէ փոքրամասնութեան իշխանութեան է անիկա ենթակայ եւ ուրեմն ապաժողովրդավարական է հիմնովին:

Լուսարձակներէ հեռու մնացած հետեւեալ երեք յայտարարութիւնները բաւարար են, կը կարծեմ, արձանագրելու համար, որ նորայայտ քաղաքական վերնախաւը այսպիսի արժէքներու կրողն է:

Առաջինին հեղինակը Փաշինեանն է: Դեռ օգոստոսին, սփիւռքահայ պատանիներու հետ հանդիպման ընթացքին, ան փորձած էր սահմանել «ընկերային արդարութիւն» եզրոյթը, երբ Հայաստանի մէջ արդարութեան հաստատման մասին հարց ուղղուած էր իրեն:

Փաշինեան ըսած էր. «Տեսէ՛ք, պէտք է մենք հասկանանք, թէ ի՛նչ է նշանակում ընկերային արդարութիւն. մենք չենք կարող ակնկալել, որ բոլորը, բոլոր քաղաքացիները բարեկեցութեան նոյն մակարդակը ունենան: Ընդհանրապէս ընդունուած է մոտել, որ պէտք է մարդկանց ընկերային օգնութիւններ տրամադրել, որպէսզի փորձ արուի նրանց բոլորին ընկերային հաւասարութեան նոյն մակարդակի վրայ դնել. անկեղծ ասած` ես կարծում եմ, որ սա անիրականանալի է եւ ճիշդ չէ» (տես https://www.youtube.com/watch?v=qybsIIiaR6s-31:41-էն):

Բայց սա «ընկերային արդարութեան» ոչ թէ սահմանում, այլ ապասահմանում, նոյնիսկ հակասահմանում է: «Չենք կարող ակնկալել»-ով` Փաշինեան կարծես կը թելադրէ չպահանջել ընկերային արդարութիւն, որովհետեւ «անիրականանալի» է անիկա… չ՛արժէր ձգտիլը նոյնիսկ: Աւելի՛ն. Փաշինեան անկեղծօրէն կը կարծէ, որ ճիշդ չէ պետութեան կողմէ տրամադրելի ընկերային օգնութիւններով գոնէ փորձել մեղմել գոյացած ու աճող անհաւասարութիւնը: Ի՞նչ է սա, եթէ ոչ ընկերային անարդարութեան վաւերականացում (լեգիտիմացում) եւ բնականոնացում:

Գիտակցելով անշուշտ, որ պէտք է ինչ-որ լուծումանման բան առաջարկել, Փաշինեան կը դիմէ նոր-ազատականութեան դասական ու մաշած հեքիաթներուն. «Մենք պէտք է մարդկանց համար հնարաւորութիւն ստեղծենք, որ իւրաքանչիւրը ինքը իր աշխատասիրութեամբ, իր եռանդի համաձայն գտնի իր ընկերային նիշան եւ հնարաւորութիւն ունենայ, ինքը իմանայ, որ այդ իր նիշան իր համար դատավճիռ չէ: Եթէ էսօր ինքը այս նիշայում է, ուզում է աւելի բարձր աւելի լաւ ընկերային վիճակում լինել, ինքը կարող է դրան հասնել աշխատանքով: Մեզ համար ամենակարեւոր խնդիրը աշխատանքի համար, աշխատանքով զարգանալու, աշխատանքով առաջընթաց ունենալու, աշխատանքով բարեկեցութեան հասնելու պայմաններ ստեղծելն է…» (տե՛ս դարձեալ https://www.youtube.com/watch?v=qybsIIiaR6s-32:19):

Ասոնք նոյն այդ «հնարաւորութիւն»-ներն են, երեւի, որոնց շնորհիւ նոյնիսկ զարգացած համարուող երկիրներու մէջ մարդիկ զանգուածաբար հասեր են այնքա՜ն բարձր ընկերային վիճակի, որքան ուզեր են. եւ կանգ առեր են միայն այն ատեն, երբ այլեւս չեն ուզած, կամ երբ ծուլացեր են: Միլիոնաւոր անտունիները, ծայրայեղ աղքատները, աշխատանքային գաղթականները կամ օրը օրին պարտքերու տակ հազիւ գոյատեւողները չցանկացող-ծուլացողները պէտք է ըլլան անպայման: Սա անարգանք է, թէկուզ` անգիտակից, նոյն այդ «հաւասար հնարաւորութիւններ» խոստացող հասարակարգերու մէջ գործազրկութենէ մաշող կամ աշխատանքային ծանր պայմաններու մէջ մաշեցուող ու աղքատ բազմահազարներու հանդէպ:

Պետութենէն ակնկալիքները նուազեցնելու եւ փոխարէնը աշխատելու Փաշինեանի այս հռետորաբանութիւնը վերջերս արդէն հասեր է աղքատները ուղղակի կշտամբելու, դատապարտելու եւ ձրիակերութեան ու ծուլութեան մէջ մեղադրելու աստիճանի (օրինակ` 17 հոկտեմբերին, որուն արձագանգ եղաւ «Սեւ բիբար»-ի նախորդ յօդուածով եւ 8 նոյեմբերին, որ ընկերային ցանցերու վրայ բուռն հակազդեցութիւններու տեղիք տուաւ): Բայց անցնինք առաջ:

Յաջորդը Աւտօվարկային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն, «Արդշինբանկ» դրամատան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ ու ներկայիս վարչապետի խորհրդական Մեսրոպ Առաքելեանի համոզումներն են` հնչեցուած նախատեսուող նոր-ազատական եւ հակա-ընկերային համահարթ հարկային համակարգի (flat tax) շուրջ քննարկման ատեն (ուր, ի դէպ, վրացի մասնագէտը կը ներկայացնէ յետյեղափոխական Վրաստանի նոր-ազատական դառն փորձը` աճող աղքատութեամբ ու արտագաղթով յատկանշուած (https://www.youtube.com/watch?v=2x9fAcvbNVQ&t=1367s):

Ահա՛ առաջարկուող հարկային տարբերակի արդարացումը` ըստ վարչապետի խորհրդականին. «… Ընդհանրապէս եկամտային հարկի դրոյքաչափը չի կարելի համարել պետութեան կողմից քաղաքացուն օժանդակութիւն եկամտի տեսքով: Այսինքն այնպէս չէ, որ մենք եկամտահարկը իջեցնենք, որ մարդը հազար դրամ աւել ստանայ, երբ որ ինքը աշխատում է մասնաւոր ոլորտում. դա բացառապէս քաղաքացու եւ գործատուի յարաբերութիւնն է, ե՛ւ քաղաքացին ե՛ւ գործատուն են որոշում, թէ իրենք ինչքան եկամուտ են ստանում, եւ ոչ թէ պետութիւնը պէտք է եկամտային հարկի 2 տոկոս դրոյքաչափը նուազեցնելով` փորձի ընկերային աջակցութիւն (ցուցաբերել)» (տե՛ս https://www.youtube.com/watch?v=4IeERoC- -7c&t=3958s` 50:49-էն):

Դարձեալ` նոր-ազատականութեան դասագրքային ներկայացում, ուր կ՛երեւին հետեւեալ միտումները. պետութեան ընկերային պարտաւորութիւններու աստիճանական յանձնում եւ տնտեսական բեւեռացումը մեղմելու գործիքակազմէ ձերբազատում, պետութեան նահանջ` գործատու-աշխատաւոր խիստ անհաւասար յարաբերութիւններէն, այսինքն աշխատաւորի փաստացի լքում` իր շահագործման աստիճանի որոշման գործընթացին մէջ:

Այս մօտեցման համահունչ են, թէեւ` աւելի անկաշկանդ ու կոպիտ, փոխվարչապետի պաշտօնակատար եւ Փաշինեանի խմբակի տնտեսական հարցերու առաջատար դերակատարներէն (գործարար) Աւինեանի վերջերս հնչեցուցած միտքերը: Հանրային պատկերասփիւռին տրուած հարցազրոյցէն հատուած մըն է մէջբերուածը.

Հաղորդավար.-… Ամէն դէպքում յաջորդ տարուայ պիւտճէում, կարծէք թէ, աշխատավարձերի փոփոխութիւն նախատեսուած չէ:

Աւինեան.- Ինձ միշտ հետաքրքրել է, երբ խօսում են աշխատավարձերի բարձրացումից, որոշակիօրէն  ինչ ի նկատի ունեն, որովհետեւ…

Հաղորդավար.– Առնուազն նուազագոյն աշխատավարձի նուազագոյն շեմի բարձրացում…

Աւինեան.- Ը՜մ… լա՛ւ… էդ պարագայում մենք… ը՜հ… ո՞ւմ ենք օգուտ տալիս:

Աւինեանը աշխատավարձերու նուազագոյն շեմի բարձրացման մէջ ոչ ոքի ոչ մէկ օգուտ չի տեսներ. աշխատավարձը վճարող գործարարներու հասնելիք վնասն է, հաւանաբար, իր տեսածը:

Շարունակենք.

Աւինեան.- Ը՜մ… լա՛ւ… էդ պարագայում մենք… ը՜հ… ո՞ւմ ենք օգուտ տալիս:

Հաղորդավար.- Դուք պէտք է ասէք:

Աւինեան.- Ես կարող եմ ասել, որ ընդհանուր առմամբ մենք պէտք է այնպիսի պայմաններ ստեղծենք ՀՀ-ում տնտեսական զարգացման համար, որպէսզի շուկան ինքը աստիճանաբար բարձրացնի աշխատավարձերը… պետութիւնը ինքը ընդհանուր առմամբ նման կարգաւորիչ դեր չունի շուկայում, պետութիւնը երբեւէ չի կարող մասնաւոր ոլորտում աշխատավարձ բարձրացնի (տե՛ս https://www.youtube.com/watch?v=82uFklo1WvA` 16:28-էն):

Կարճ ըսած` Աւինեան բացայայտօրէն կ՛անտեսէ աննշան աշխատավարձով գոյատեւել փորձող մեծամասնութեան շահը, սեփական մարզի աշխատաւորները կը ձգէ իրենց բախտին ու շուկայի քմահաճոյքին: Նուազագոյն աշխատավարձի շեմը ինչո՞ւ բարձրացնել. ինչո՞ւ նոյնիսկ մտածել այդ մասին կամ ծրագիր մշակել այդ ուղղութեամբ: Ազատ շուկան թող ընէ, եթէ, որքան, երբ եւ մինչեւ այն ատեն որ շահագրգռուած ըլլայ…

Նոր վերնախաւի իզմ-ը նոր-ազատականութիւնն է:

Անիկա ինքզինք կը մատնէ ոչ միայն յայտարարութիւններու մակարդակով, այլ նաեւ` արդէն գործնապէս: Համահարթ հարկային համակարգի անկոտրում առաջարկը եւ վերջերս Ծառուկեան խմբակցութեան կողմէ առաջարկուած եւ Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ հաւանութիւն ստացած արհեստակցական միութիւններու համակարգը ականապատող օրէնքի փոփոխութիւնը առաջին նախանշանները կարելի է համարել:

Կը մնայ տալ հետեւեալ հարցը.

Որքա՞ն աղերս ունի այս «աներեւոյթ»-իզմը յեղափոխութեան յոյսով փողոցները հեղեղած բազմահազարներու պահանջներուն ու շահերուն հետ:

Medium.com կայքի «Սեւ Բիբար» հարթակ


Խմբագրական. Նոր Հայաստանին Անհրաժեշտ Է Բազմակուսակցական Խորհրդարան

$
0
0

Նախընտրական քարոզարշաւի շէմին` կատարուած համակողմանի յայտարարութիւններուն եւ հարցազրոյցներուն հետեւելով որոշ դիտարկումներ կարելի է արձանագրել յատկապէս նոր իրավիճակի հետ առնչուած ընտրական նոր մշակոյթի կայացման առաջադրանքի լոյսին տակ:

Կը թուի, որ ընդհանուր ընկալում գոյացած է, որ գործադիր իշխանութիւնը նաեւ պիտի ունենայ կայուն մեծամասնութիւն օրէնսդիր ժողովին մէջ: Քաղաքագիտական հասկացողութեամբ շրջուած գործընթացն է, որ կ՛աշխատի: Ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած խորհրդարանը եւ այնտեղ մեծամասնութիւն ներկայացնող ուժն է, որ կառավարութիւն կը կազմէ եւ յատկապէս խորհրդարանական համակարգով կառավարուող հանրապետութիւններուն մէջ գործադիրը կ՛ունենայ խորհրդարանական մեծամասնութիւն` իր ծրագիրները վաւերացնելու հարթութիւնը ստեղծելով: Շրջուած իրավիճակը բնականաբար արդիւնքն է ժողովրդային յեղափոխութեամբ սկսած համակարգային փոփոխութեան գործընթացին:

Եթէ մէկ կողմէ կայ որոշակի միտում իշխանութիւնը քաղաքական մէկ ուժի վրայ բեւեռացնելու, միւս կողմէ նաեւ կայ ընդդիմութիւնը միաբեւեռ կուսակցութեամբ մենաշնորհացնելու:

Եթէ մէկ կողմէ օգտագործուած հռետորաբանութիւնը հինը մերժելու առանցքին վրայ կեդրոնացած է, միւս կողմէ հին համակարգը ներկայացնող գլխաւոր ուժը հանրութեան կ՛ուզէ ներկայանալ իբրեւ ազգային արժէքներն ու աւանդութիւնները պահպանող միակ կուսակցութիւնը: Այս հասկացողութեան մէջ կը ներառուի եկեղեցւոյ պաշտպանութիւնը, սեռային փոքրամասնութիւններու քարոզչութեան մերժումը, ընդհանրապէս արեւմտեան բարքերու երկիր թափանցումին դէմ արգելակիչ տարր հանդիսանալու մօտեցումը:

Քաղաքական-հասարակական մակարդակներու վրայ կարծրատիպային այս թէ՛ մօտեցումները եւ թէ՛ ընկալումները չեն օգներ, որ նախընտրական քարոզարշաւի առանցքները կեդրոնանան գաղափարական ծրագիրներու, ազգային խնդիրներու եւ ընկերային հարցերու վրայ: Չեն նպաստեր նաեւ երկրի զարգացման համար ազատական եւ ընկերվարական ուղիներու ներկայացումին եւ ժողովուրդին կողմէ այս ուղիներէն մէկը ընտրելու կարելիութեան ընծայումին: Եւ այս առումով յաւելեալ ժողովրդավարացման համար օգտակար չեն ընտրութիւններու արդիւնքներու կանխատեսումներու հրապարակումները այս փուլին, երբ չեն ներկայացուած նախընտրական ծրագիրները: Կանխորոշման ազդակը յարիր չէ ժողովրդավար ժամանակակից պետութիւններուն:

Սահմանադրութեան էութիւնը խորհրդարանի պարագային կը քաջալերէ բազմակուսակցականութիւնը, հակակշիռ մեքենականութիւններ ստեղծելով`  համակարգի յաւելեալ ժողովրդավարացումով:

Բազմակուսակցականութիւնը իր հերթին ծրագիրներու այլազանութիւն, գաղափարներու տարբերութիւն, տարբեր գաղափարաբանական ուղիներ որդեգրելու երեւոյթ կ՛ենթադրէ, ինչ որ մինչ այս պահը կը պակսի երկրի ընտրական մշակոյթին մէջ:

Նախընտրական քարոզարշաւի բովանդակութիւնը անհրաժեշտ է, որ հիմնուած ըլլայ գաղափարի, գաղափարաբանութեան եւ ծրագիրներու վրայ: Համապարփակ` ազգայինէն ընկերային, կրթականէն մշակութային, ֆինանսականէն տնտեսական` երկրի զարգացման համար բոլոր ուղղութիւններով ծրագրային առաջադրանքներով յագենայ: Ասիկա կը սատարէ ո՛չ միայն երկրի ընտրական մշակոյթի, այլ նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման, որուն կ՛ընձեռուի կարելիութիւնը բազմաթիւ գաղափարներու եւ ծրագիրներու միջեւ ընտրութիւն կատարելու:

Հինի եւ նորի պարանաձգութենէն դուրս բերելու համար երկիրը, բազմածրագրային քարոզարշաւը պէտք է յանգի բազմակուսակցական խորհրդարանի ձեւաւորման: Անշուշտ կը գոյանայ մեծամասնութիւն, գուցէ նաեւ կայուն մեծամասնութիւն, այսուհանդերձ մնացեալ քաղաքական ուժերը կ՛ունենան ընդդիմութեան նորացուած լիազօրութիւններ, կը նպաստեն բազմակարծիք խորհրդարանի քննարկումներուն եւ սահմանադրականօրէն կ՛ունենան ընդլայնուած իրաւունքներ` հակակշիռ գործառոյթներ իրականացնելու համար:

Նման խորհրդարան մը անպայման մեր երկրին համար կ՛ապահովէ վարկի եւ հեղինակութեան միջազգային նոր նշաձող:

Հաղորդագրութիւն

$
0
0

Ֆոնէթոն 2018-ին առիթով Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի Փարիզ այցելութեան ընթացքին ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան ԱՀ նախագահին հետ:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, որ յատկանշուեցաւ փոխվստահութեան եւ տեսակէտներու նոյնանմանութեան առկայութեամբ, նախագահը մտահոգութիւն յայտնեց ֆրանսական իշխանութիւններու կողմէ գործադրուող ճնշումներուն կապակցութեամբ, որոնք առաւել ուժգնացած են այս վերջին ամիսներուն, եւ որոնց նպատակն է չեղեալ համարել քաղաքապետութեանց կողմէ Արցախի քաղաքներուն հետ կնքուած բարեկամութեան համաձայնագիրները:

Դաշնակցութիւնը հաստատեց, որ ինք վճռականօէն կը հովանաւորէ բարեկամութեան նշեալ համաձայնագիրներու պահպանումը, որոնց շնորհիւ կը հաստատուին մարդկային, բարեկամական եւ մշակութեային յարաբերութիւններ այն շրջաններուն հետ, որոնք կը մնան մեկուսացուած, այնքան ատեն որ չէ իրագործուած Արցախի միջազգային ճանաչումը: ՀՅԴ-ն յանձնառու եղած է նահանգային իշխանութիւններու կողմէ ճնշումի ենթարկուած քաղաքապետութեանց հետ միասնաբար կատարելու հանրային եւ քաղաքական նախաձեռնութիւններ: Ան Ֆրանսայի այս քաղաքականութիւնը կը դիտէ իբրեւ անհանդուրժելի մեղսակցութիւն ազրպէյճանական իշխանութիւններուն, մեղսակցութիւն, որուն պատճառով պիտի խախտուի ֆրանսահայ համայնքի եւ Ֆրանսայի կառավարութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող վստահութիւնը:

Միւս կողմէ` Բակօ Սահակեան գոհունակութիւն յայտնեց այն առումով, որ վերջերս շատ աւելի մեծ թիւով ֆրանսացի խորհրդարանականներ, ծերակուտականներ եւ եւրոխորհրդարանականներ այցելած են Արցախ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ Ֆրանսայի մէջ նախաձեռնողը եղած է նմանօրինակ բազմաթիւ այցելութիւններու կազմակերպման, պիտի շարունակէ իր աշխատանքը այդ գծով:

Նախագահ Սահակեան միաժամանակ մտահոգութիւն յայտնեց Ֆրանսայի խորհրդարանի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժաք Մարիլոսեանի ընթացքին համար, որ ապացուցած է, թէ ամբողջովին անտեղեակ է Հայկական հարցէն: Ազրպէյճանական կառավարութեան կողմէ նախաձեռնուած եւ եւրոխորհրդարանականներու առնչուող` «Caviar Gate» լայնածաւալ կաշառակերութեան գործողութեան բացայայտումէն ամիսներ ետք Ժաք Մարիլոսեանի բարեկամական կապերը Խորհրդարանի Ֆրանսա-Ազրպէյճան բարեկամութեան խումբի նախագահին հետ (որուն կապերը Ազրպէյճանի դեսպանութեան առնչուող կաշառակերութեան խնդիրներուն հետ բացայայտուած էին) կը յարուցեն նոր մտահոգութիւններ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը հաստատեց, որ կազմակերպած է Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահութենէն Ժաք Մարիլոսեանի հրաժարումը պահանջող արշաւ:

Հանդիպման վերջաւորութեան ընդգծուեցաւ Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան հետ առկայ սերտ կապերը պահպանելու եւ նոր համագործակցութեանց առիթները բազմացնելու կարեւորութիւնը:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Փարիզ, 16 նոյեմբեր 2018

Մետասաներորդ Ժամը Եւ Մենք

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Պէտք է իրապէս զարմանալ այն իրողութեան վրայ, որ հայ կեանքի ընդհանրական յիշողութենէն գրեթէ սրբուած է 1918-ի համաշխարհային զինադադարի մեծ եղելութիւնը, որուն հարիւրամեայ տարեդարձն է այսօր: Լաւագոյն պարագային, ան անցողակիօրէն կը յիշուի որպէս պատմական իրադարձութիւն, որ, ըստ էութեան, շահեկանութիւն ունի աշխարհի մեծ ազգերուն համար միայն, առանց ուղղակիօրէն շահագրգռելու մեզ: Իմ կարծիքով, հաւաքական դատողութեան իսկական վրէպ մըն է ասիկա եւ մեծ բա՛ց մը` մեր ազգային գիտակցութեան մէջ: Ժամանակն է, որ մենք թօթափենք մեր մտքերէն այս կամաւոր ինքնակղզիացումը եւ սկսինք տեսնել մեր լինելութեան խնդիրները` իրենց տարածաշրջանային եւ համաշխարհային առնչութիւններով: Եւ համոզուինք, որ մէկը առանց միւսին գոյութիւն չունի եւ չի կրնար ունենալ: Եւ ընդունի՛նք, որ վերջին հարիւր յիսուն տարուան մեր պատմութիւնը կրնայ հասկցուիլ միայն ու միայն այս համապարփակ մտատեսիլով:

Անցնող քանի մը տարիներու ընթացքին մենք համազգային շուքով նշեցինք երկու ցնցիչ հարիւրամեակներ:Անոնցմէ առաջինը Հայոց ցեղասպանութեան համաշխարհային ոգեկոչումն էր, իսկ երկրորդը` հայ անկախ պետականութեան վերընձիւղման փառաշուք յոբելեանը: Երկու հազուադէպ պատեհութիւննե՛ր` մեր պատմական յիշողութեան հետ հաշուի նստելու եւ ի նորոյ քննարկելու, թէ իսկապէս ի՛նչ պատահեցաւ մեր ազգային իրականութեան եւ մեր հաւաքական ինքնութեան հետ` քսաներորդ դարու առաջին տասնամեակներուն: Փաստը այն է, որ երկու պարագային ալ մենք գործ ունէինք եւրոպական եւ համաշխարհային հաւասարակշռութեան գործօններուն հետ: Հսկայ տեղաշա՛րժ մը, որ իր յստակ օրկանական առնչութիւններով իր երկաթեայ թեւերուն մէջ կ՛առնէր նաեւ մե՛ր երկիրը եւ կը պայմանաւորէր ուղղութիւնը մեր ազգային ճակատագրին: Այդ մեծ տեղաշարժը Ա. Համաշխարհային պատերազմն էր, որուն զոհ գացին 16 միլիոն մարդկային կեանքեր գումարած` 37 միլիոն հաշմեալներ եւ վիրաւորներ: Աւելի քան յիսուն միլիոն մարդոց համաշխարհային եղե՛ռնը` 20-րդ դարու դարպասէն ներս… եւ առանց տակաւին ընդգրկելու մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները կորուստի ընդհանուր հաշուարկին մէջ… Այս իսկ պատճառով մեր պարտաւորութիւնն է այսօր տէր կանգնիլ նաեւ ա՛յս հարիւրամեակին եւ յստակացնել մե՛ր տեղը համաշխարհային սուգի այս հարթակին վրայ:

«Մետասաներորդ ժամն էր մետասաներորդ օրուան մետասաներորդ ամսոյն…» Այսպէս պիտի բնութագրուէր Ա. Աշխարհամարտի աւարտը աւետող զինադադարի օրը 1918-ի նոյեմբերի 11-ին: Տեղը հիւսիսային Ֆրանսայի Քոմփիէյն աւանն էր: Աւելի ճիշդ` մարաջախտ Ֆերտինան Ֆոշի (Marechal Ferdinant Foch) հրամանատարական վակո՛նը` երկաթուղիի կայարանին մէջ: Հոն էր, որ կը ստորագրուէր զինադադարի համաձայնագիրը (յանուն Դաշնակիցներու եւ յանուն պարտուած Գերմանիոյ), եւ որ կը ծանուցէր վերջաւորութիւնը արևմտեան ճակատի բոլոր ռազմական գործողութիւններուն: Իրականութեան մէջ զինադադարը ձեւաւորուեցաւ երկու կարևոր հանգրուաններով ծնունդ տալով երկու անջատ համաձայնագրերու, որոնք միասնաբար հիմ հանդիսացան Վերսայի Խաղաղութեան վեհաժողովի գումարման: Արդարեւ, Քոմփիէյնի համաձայնագրէն տասներեք օր առաջ, 1918-ի հոկտեմբերի 30-ին յունական Լեմնոս կղզիի նաւահանգիստին` Մուտրոսի մէջ կը ստորագրուէր առաջին համաձայնագիրը` ծովակալ Ռասլըն Ուէմիսի (Admiral Rosslyn Wemyss) եւ Օսմանեան կայսրութեան զինեալ ուժերուն միջեւ` պարտուած յայտարարելով թուրք պետութիւնը եւ ծանուցելով աւարտը արեւելեան ճակատի բոլոր ռազմական գործողութիւններուն: Զինադադարի աքթը խոր հետքեր թողուց ժողովուրդներու կեանքին մէջ: Յարութեան պահն էր ան հոգեվարքի մէջ եղող մարդկութեան: Ան նաեւ նախախնամական եղաւ հայ ժողովուրդին եւ նորանկախ հայ պետականութեան համար: Զինադադարը հրաշքի վայրկեանն էր հայ ժողովուրդի թէ՛ արեւմտահայ եւ թէ՛ արեւելահայ հատուածներուն կենսագրութեան մէջ, որ կու գար անգին պատեհութեամբ մը օժտելու ազգային գոյատեւման մեր տարերային ճիգը: Պաթումի դաշնագրով մենք հազիւ հազ կրցեր էինք ապահովել Հայաստանի տէ ժիւրէ անկախութեան իրողութիւնը: Իրականութեան մէջ մեր անկախութիւնը հազիւ թէ կը շնչէր օսմանեան զինեալ ուժերու սպառնալիքին առջեւ: Ճիշդ է, որ հայկական բանակը պարտութեան մատնեց թրքական ուժերը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ, բայց թուրքերը համալրուած ուժերով վերադարձան հարաւային ռազմաճակատ եւ կրցան հասնիլ Էջմիածնի եւ Երեւանի դռները… Ի վերջոյ հաստատուեցաւ Պաթումի դաշնագրի պայմաններէն բխող ողբալի սահմանագիծը` անկախ Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ: Դիմենք Սիմոն Վրացեանի թանկագին վկայութեան. «… Այսպիսով, ըստ Պաթումի դաշնագրի, Հայաստանը դառնում էր անկախ պետութիւն: Ահ ու դողով մտնում էր նա ինքնիշխան ազգերի համակեցութեան մէջ` իբրեւ ազատ անձնաւորութիւն միջազգային իրաւունքի: Նրա հողի տարածութիւնը մօտաւորապէս12.000 քառակուսի քիլոմեթր էր, բնակչութեան թիւը գաղթականներով միասին` մօտ մէկ միլիոն: Եւ… մայրաքաղաքից եօթը քիլոմեթր հեռու երեւում էին թրքական թնդանօթները…»: Զինադադարի հռչակումը պիտի գար գլխիվայր շրջելու հանրապետութեան պարտադրուած այս ռազմապէս խախուտ իրականութիւնը: Պաթումի դաշնագրի տիրապետող կողմը հանդիսացող օսմանեան Թուրքիան յանկարծ պարտուած էր եւ` հրապարակէն չքացած: Պաթումի դաշնագրի պարտաւորեցնող պայմանները այլեւս դրուած էին մէկդի: Հայաստանը յանկարծ տէրն էր իր ճակատագրին, մանաւանդ որ այս բոլորին կը հետեւէր նաեւ ազգային հողատարածքի մեծածաւալ սրբագրութիւն մը` մեր եւ Թուրքիոյ միջեւ… Մուտրոսի համաձայնագրով պարտուած կողմը կը հարկադրուէր վերադառնալու նախապատերազմեան իր սահմաններուն… Ինքնաբերաբար Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները այժմ կ՛ընդարձակուէին` ընդգրկելով Կարսի, Սուրմալուի, Նախիջեւանի, Սիւնիքի, Ղարաբաղի շրջաններն ու բազմաթիւ այլ հողատարածութիւններ:

Աւելցնենք, որ զինադադարի հռչակումն էր, որ կարելի պիտի դարձնէր Հայաստանի Հանրապետութեան իրական թռիչքը 1919-ի եւ 1920-ի երկու ճակատագրական տարիներու ընթացքին: Շնորհիւ զինադադարին ստեղծած քաղաքական բանալի պայմաններուն` Հայաստանի իշխանութիւնները, ՀՅ Դաշնակցութեան կուռ ղեկավարութեամբ, նետուեցան յառաջ եւ մեծ թափով ձեռնարկեցին երկրի վերաշինութեան, կազմակերպեցին զգաստ եւ ծաւալուն դիւանագիտութիւն, հռչակեցին Միացեալ Հայաստանի խորհրդարանական աքթը, կարելի դարձուցին Սեւրի միջազգային դաշնագիրը, ձեռնարկեցին երկրի տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային կեանքի արդիականացման գործին:

Արևմտահայ կեանքի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող զինադադարի համաձայնագիրը գրեթէ անմիջապէս վերջ տուաւ Թուրքիոյ ցեղասպանական գործողութիւններուն` ազատելով մեծաթիւ տեղահանեալներ Տէր Զօրի, Ռաս Ուլ Այնի եւ հիւսիսային Սուրիոյ այլ ճամբարներէն եւ առիթ տալով, որ վերապրող հայերու վերադարձը թափ առնէ: Հնարաւոր դարձաւ որբահաւաքի ճակատագրական գործը: Վերապրողները արագօրէն սկսան ձեռնարկել հայկական բնաշխարհի վերաշինութեան գործին: Կիլիկիան դարձաւ ազգային զարթօնքի իսկական բոյն մը: Անմիջապէս կանգ առաւ բռնի հաւատափոխութեան գործընթացը, եւ մարդիկ ամէնուր վերադարձան իրենց եկեղեցւոյ գիրկը: Պոլիսը վերագտնել սկսաւ նախապատերազմեան իր հասարակական եւ մշակութային աշխուժութիւնը: Եւ թափ առաւ Ցեղասպանութեան յանցագործներու հետապնդումը:

Դժբախտաբար յետպատերազմեան իրադարձութիւնները պիտի գային տապալելու զինադադարով սկիզբ առած այս վերածնունդը: Քեմալական շարժումը արագօրէն իր ձեռքը առաւ իշխանութեան սանձերը եւ կրցաւ պառակտել յաղթական դաշնակիցներու ճակատը: Միւս կողմէ` նոյն քեմալականները յաջողեցան խաբել պոլշեւիկեան Մոսկուան: Ծայր առաւ զինադադարի պայմաններու քայքայման գործընթացը թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ Արեւմտեան Հայաստանի, թէ՛ Կիլիկիոյ եւ թէ՛ Պոլսոյ մէջ ծանր հարուած տալով հայութեան գերագոյն շահերուն: Պոլշեւիկեան սադրանքը ներսէն քայքայեց մեր ժողովուրդի դիմադրական ոգին, հակառակ հանրապետութեան գերմարդկային ճիգերուն` երկրի ողնայարը ամուր բռնելու: Քեմալի եւ Մոսկուայի պոլշեւիկեան իշխանութեան միացեալ ուժերով տեղի ունեցաւ Կարսի ճակատագրական անկումը: Խորհրդայնացաւ Հայաստանը, եւ ստորագրուեցաւ թուրք-պոլշեւիկեան Կարսի պայմանագիրը զրկելով Հայաստանը, իր կենսական տարածութիւններէն: Քեմալական ցեղասպանութեան յառաջխաղացքին առջեւ փուլ եկան կիլիկեան մեր բոյները եւ տեղի ունեցաւ Կիլիկիոյ խուճապային պարպումը: Միաժամանակ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ հայութեան խուճապահար փախուստը դէպի Եւրոպա: Եւ Լոզանի համաձայնագրով դաշնակիցները խափանեցին Սեւրի դաշնագրի պայմաններու գործադրութիւնը: Այնուամենայնիւ, անուրանալի է, որ1918 թուի ճակատագրական պայմաններուն մէջ զինադադարի հռչակումը մեծ բարիք մըն էր հայութեան համար, որմէ կարեւոր դասեր ունի քաղելիք մերօրեայ Հայաստանը: Այսօր մենք գիտենք, որ մեր անկախ պետականութեան, Արցախի, Ջաւախքի եւ առհասարակ սփիւռքի լինելութեան բանալիները կը գտնուին ոչ միայն մեր յամառ հայրենատիրութեան, այլեւ աշխարհի մեծ մայրաքաղաքներու փոխազդեցութեանց բարդ համակարգին մէջ: Մեր պայքարի ճակատը կը տարածուի այդ լայնածաւալ գօտիին մէջ, եւ ամէն հայ պիտի ըլլայ այդ ճակատի անկեղծ զինուորը:

11 նոյեմբեր  2018
Ուաշինկթըն

 «Երկիր»»

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Քիւրտ Երեսփոխանին Խիստ Ելոյթը Աւարտեցաւ Բանտարկութեամբ

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թուրքիոյ խորհրդարանի քիւրտ երեսփոխան Ֆերհաթ Էնճու, Շիռնակի մարզէն, վերջերս խիստ քննադատական ելոյթ ունեցաւ թրքական խորհրդարանին մէջ` թուրքերու եւ Թուրքիոյ մասին: Ես նոր գտայ անոր համարձակ ելոյթին տեսանիւթը Եութուպի վրայ:

Քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) անդամ Էնճու քաջ յայտնի է թրքական կառավարութեան նկատմամբ իր խիստ ընդդիմութեամբ` քիւրտերու հանդէպ անոր ցուցաբերած մնայուն բռնութեան եւ իրաւունքներու ոտնահարման պատճառով:

2011-ին թրքական օդուժը ռմբակոծած էր քիւրտ քաղաքացիներու խումբ մը` սպաննելով 34 հոգի, որոնց շարքին էին Էնճուի ընտանիքէն բազմաթիւ անդամներ…

Իր ելոյթին ընթացքին 33 տարեկան Էնճու բազմաթիւ սպառնալիքներ ստացաւ թրքական խորհրդարանի երեսփոխաններու կողմէ: Այնուհետեւ զայն զրկեցին խորհրդարանական անձեռնմխելիութենէ եւ բանտարկեցին: Հիմա ան բանտն է…

Ահաւասիկ հատուածներ` Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Էնճուի վեց վայրկեաննոց ազդեցիկ ելոյթէն, որ յաճախ կ՛ընդհատուէր սպառնալիքներով. «Իմ ելոյթը կարճ կ՛ըլլայ եւ` ըստ էութեան: Ձեզմէ ոմանք մեզ կ՛անուանեն մարդասպաններ: Բայց ո՞վ կը սպաննէ քաղաքացիները եւ ո՞վ է մարդասպան: Դո՛ւք…»:

Խորհրդարանի դահլիճէն սպառնալիքներ հնչեցին Էնճուի հասցէին. «Փակեցէ՛ք անոր բերանը… Բռնեցէ՛ք այդ ահաբեկիչը եւ գնդակահարեցէ՛ք զայն…»:

Խորհրդարանի նախագահ. «Թող խօսի՛: ըսէ՛ք ձեր ըսելիքը եւ վերջացուցէք»:

Էնճու շարունակեց իր ելոյթը. «Հոս միասին դուք ուժեղ էք… Սակայն, ճիշդն ըսած, դուք միայն խօսող էք եւ ոչ աւելին: Ես որպէս քիւրտ, պատմութիւնը վկայ, կ՛ապրիմ իմ հողիս վրայ, Քիւրտիստան, այն ժամանակ, երբ դուք խոտ կը հաւաքէիք եւ կ՛ուտէիք` խաղալով ձեր ձիերուն հետ, Մոնկոլիոյ մէջ…»:

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Սպաննեցէ՛ք զայն…»:

Էնճու. «Այս, այսպէս կոչուած` ձեր երկիրը, ձեր երկիրը չէ, ոչ էլ AKP-ինը [նախագահ Էրտողանի իշխող կուսակցութիւնը]: Այս երկիրը աւելի հին է, քան դուք` բոլորդ: Անիկա կը պատկանի իրական մարդոց…»:

Խորհրդարանի նախագահ. «Դուք կը պատժուիք ասոր համար: Դուք այս մասին կրնաք խօսիլ  քապապ ուտելու պահուն: Մեր առջեւ դուք կը պաշտպանէք ահաբեկիչները»:

Էնճու. «Հոս ապրած են յարգարժան յոյներն ու հայերը…»:

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Սպաննեցէ՛ք ահաբեկիչը»:

Էնճու. «Մենք` քիւրտերս, դեռ հոս ենք: Ո՛չ հրասայլերը, ո՛չ ալ ձեր զինուորականները կրնան տեղահանել մեզ…»:

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Մենք ոչնչացուցած ենք քու քաղաքդ»:

Էնճու. «Դուք կրնաք ոչնչացնել զայն, սակայն մենք տասնեակներով աւելի կը կառուցենք: Դուք` թուրքերդ, ոչնչութիւն էք: Մենք ձեզմէ աւելի ահաւոր հրէշներ ոչնչացուցած ենք  Սիլոփիի մէջ: Նետեցէ՛ք ձեր ռումբերը: Սպաննեցէ՛ք մեր երեխաները: Սպաննեցէ՛ք քաղաքացիները, սակայն դուք չէք կրնար սպաննել մեզ` քիւրտերս, Ռոպոսքիի մէջ, ամբողջ Քիւրտիստանի կամ ինչպէս դուք կ՛անուանէք` «Թուրքիոյ մէջ»: Մարդկութիւնը ձեզմէ աւելի վատերը տեսած է: Մենք յաղթած ենք անոնց…»:

Խորհրդարանի նախագահ. «Դուք բանտ կ՛երթաք ասոր համար: Ձեր նուազագոյն պատիժը հինգ տարի կ՛ըլլայ»:

Էնճու. «Ես թքած ունիմ: Ճշմարտութիւնը աւելի կարեւոր է, քան կեանքը…»:

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Ասոր փամփուշտ պէտք է: Ձերբակալեցէ՛ք զայն…»:

Խորհրդարանի նախագահ. «Մենք լուր ղրկած ենք ապահովութեան պաշտօնեաներուն: Ան կը ձերբակալուի»:

Էնճու. «Քիւրտերը միշտ քիւրտ եղած են, նախքան ձեր` թուրքերուն հոս գալը, եւ անոնք քիւրտ կը մնան ձեր հեռանալէն ետք ալ: Ձեր «Թուրքիա»-ն յոյներու, հայերու եւ քիւրտերու գողցուած երկիրն է: Իմ վկաս պատմութիւնն է»:

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Դուն կը պատժուիս»:

Էնճու. «Ի՞նչ կրնաք ընել: Ես հոս եմ հարիւրաւորներու դէմ: Դուք ի՞նչ կը ներկայացնէք»:

Խորհրդարանի նախագահ. «Դուք ասոր համար կը պատժուիք»:

Էնճու. «Սպաննեցէ՛ք զիս: Ես դարձեալ կ՛ըսեմ ճշմարտութիւնը»:

Խորհրդարանի նախագահ. «Ատիկա կ՛ըսէք, երբ ապահովութեան պաշտօնեաները հոս ըլլան: Այս օրէնսգիրքով ձեզ 10 տարիով բանտ կը ղրկեմ, նուազագոյնը տասը տարիով»:

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Պէտք է այս վայրկեանին իսկ գնդակահարել զայն»:

Էնճու. «Ես կը վերջացնեմ»:

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Ասոր համար դուն կեանքովդ պիտի վճարես, տակա՛նք քիւրտ»:

Էնճու. «Հաջեցէ՛ք, որքան կ՛ուզէք: Ես ամուր կանգնած եմ հոս, եկէք եւ կանգնեցէք դիմացս…»:

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Բաւակա՛ն է: Ո՞ւր են ապահովութեան պաշտօնեաները»:

Էնճու. «Դուք ուժեղ էք խումբով, բայց երբ մինակ էք, դուք բոլորդ վախկոտներ էք: Մեր քիւրտ երիտասարդները այդ ցոյց տուած են ձեր զինուորականներուն: Ո՛չ թուրք զինուորը, ո՛չ ալ թուրք ոստիկանը կրնայ հսկել քրտական փողոցները: Ձեր զինուորները կը փախչին մեր երիտասարդներէն: Ինչպէս հիմա, դուք միայն բերան ունիք եւ ուժեղ էք միասին: Բայց երես առ երես դուք ոչնչութիւն էք…»:

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Կտրեցէ՛ք այդ քիւրտին ձայնը»:

Էնճու. «Ես` միայնակ քիւրտս, կրնամ բոլորիդ յաղթել…»:

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Գնդակահարեցէ՛ք»:

Էնճու. «Դուք կը կարծէք, որ մեզ սպաննելով` կրնաք յաղթել մեզի. սա միայն կը ստիպէ մեզի` աւելի՛ ուժեղ ըլլալ: Դուք զիս կ՛անուանէք «ահաբեկիչ», ես, որ կը պայքարիմ ձեր տիրապետութենէն իմ ազատութեանս համար:  Ես, որ ապրած եմ այս երկրին մէջ հազարաւոր տարիներ, դուք եկած ու բռնագրաւած էք զայն: Ես կը պայքարիմ իմ ժողովուրդիս ազատութեան համար, միւս բոլոր ազգերուն ազատութեան պէս…»:

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Քեզ կը գնդակահարեն»:

Էնճու. «Ես խիզախօրէն կը դիմագրաւեմ մահը եւ փամփուշտները, ինչպէս` միլիոնաւոր այլ քիւրտեր: Ոչ մէկ բռնագրաւում յաւերժ է: Վերջաւորութեան ազատութիւնը միշտ կը յաղթէ…»:

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Դուն ստորագրեցիր մահուան դատավճիռդ թրքական փամփուշտով: Դուն քալող դիակ ես: Թոյլ մի՛ տաք անոր հոսկէ հեռանալ ողջ»:

Խորհրդարանի նախագահ. «Վերադարձէ՛ք ձեր տեղերը: Ան մինակ է: Անհանգստանալու ոչինչ կայ: Ան մինակ է: Մենք զայն կը բռնենք: Գրաւեցէ՛ք ձեր տեղերը»:

Անվախ եւ անձնազոհ Ֆերհաթ Էնճու միացաւ հազարաւոր այլ անմեղ քիւրտերու եւ թուրքերու, որոնք վերջին տարիներուն բանտարկուած են Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ` իրենց տեսակէտները արտայայտած ըլլալնուն համար, իսկ ոմանք ալ` յաճախ առանց պատճառի… Ամօթալի է, որ աշխարհի ղեկավարները լուռ կը մնան Թուրքիոյ կողմէ ի գործ դրուած մարդկային իրաւունքներու նման զանգուածային եւ մնայուն ոտնահարումներու առջեւ…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

«Հաւատարիմ Հողին Ու Հային» (ՀՅԴ-ի Ընտրական Քարոզարշաւին Մեկնարկին Առիթով)

$
0
0

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Դաշնակցական մարդու բնորոշ յատկութիւն է հաւատարմութիւնը:

Շատերու համար դաշնակցականութիւնը հոմանի՛շ է հաւատարմութեան:

Մարդ որքան հեռանայ դաշնակցականութենէ, այնքան կը հեռանայ հաւատարմութենէ: Նաեւ` հակառակը. մարդ որքան հրաժարի հաւատարմութեան սկզբունքէն, այնքան իր մէջ կը մեռնին դաշնակցականութիւնն ու հայկականութիւնը:

Հաւատարմութիւնն է ընդհանուր գումարը դաշնակցական մարդու առաքինութիւններուն: Հաւատարմութիւն` ազգային արժէքներու, նահատակներու, սեփական ժողովուրդի, հայրենիքի եւ Դատի:

Հաւատարմութեան այս տրամաբանութեամբ պէտք է ընդունիլ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն` Դաշնակցութեան որդեգրած կարգախօսը` «Հաւատարիմ հողին ու հային»:

Հողը սրբազան արժէք է դաշնակցական մարդուն համար: Հայրենի՛քն է ան, պատմական ու աշխարհագրական իր բնօրրանը, հայ մարդուն ինքնուրոյն գոյատեւման, յառաջդիմութեան եւ ստեղծագործութեան բնական եւ կենսական ազդակը:

Հողը կը պահպանուի աշխատանքով, քրտինքով, «իսկ եթէ հարկ ըլլայ` նաեւ կեանքի գնով»: Հողն է, որ մեզի ուժ կու տայ: Հողն է, որ մարդը կը կապէ իր արմատին: Իսկ ի՞նչ մարդ` առանց արմատի: Իր արմատով տոկուն մարդը կը դիմանայ բնութեան եւ ժամանակի փորձութիւններուն, մինչդեռ անարմատ մարդը տեղի կու տայ առաջին իսկ վտանգին դիմաց:

Անցնող 128 տարիներուն Դաշնակցութիւնը իր հաւատաւոր շարքերուն օրինակով փոխանցեց հայ հողի հանդէպ անսահման սէր եւ կառչածութիւն: Հողի կարօտով ապրած դաշնակցականներ զոհեցին իրենց ամէնէն թանկագինը` սեփական կեա՛նքը, հարազատ հողի ազատագրման եւ պահպանման համար:

«Կարմիր հող»-ը, Վարուժանի բնորոշումով, իրեն քաշեց հազարաւորներ, որոնք տուն-տեղ ձգած, ընտանիք ու գործ մոռցած` ինչպիսի՜ հերոսութիւններ չգործեցին ռազմի դաշտերուն թէ քաղաքական բեմերուն վրայ, կազմակերպական մաշեցնող պայմաններու մէջ թէ հայութեան հզօրացման տարբեր ճակատներու վրայ:

Դաշնակցութիւնը գիտակցեցաւ, որ հողը ազատագրելը չի բաւեր սակայն, պէտք է տիրութիւն ընել անոր: Աշխատիլ, որ հայ հողին խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը երաշխաւորուին անպայման: Իսկ խաղաղութիւն երաշխաւորել` կը նշանակէ պատերազմի պատրաստուիլ, որովհետեւ խաղաղութիւնը բարի կամեցողութեամբ չի պահպանուիր, այլ` թշնամիին, հակառակորդին հայութեան սեփակա՛ն ուժին հանդէպ յարգանք ու պատկառանք պարտադրելով:

Դաշնակցութիւնը գիտակցեցաւ, որ հաւատարիմ ըլլալ հողին` կը նշանակէ ծաղկեցնել, շէնացնել ու բնակեցնել զայն, աշխատիլ անոր ամբողջացման համար` բռնագրաւեալ բոլոր հողերու վերատիրացման համար` ձախողութեան մատնելով հակառակորդներու ամէն տեսակի փորձերը` պատերազմով թէ բանակցութեամբ վերատիրանալու անոնց: Հոսկէ նաեւ` «Զարգանալ` առանց զիջելու» դաշնակցական ծանօթ նշանախօսքին իմաստն ու թելադրականութիւնը:

Հաւատարիմ ըլլալ հողին` Դաշնակցութեան համար նշանակեց տէր ու պաշտպան ըլլալ այդ հողին տակ հանգչող նահատակներու կտակին եւ յիշատակին: Ու նաեւ` հաւատարիմ ըլլալ այդ հողին վրայ հասակ առնող նորահաս սերունդներու ազգային իտէալներուն եւ ձգտումներուն:

Հայ հողը պահեց հայ մարդը, հետեւաբար հաւատարմութիւնը ունեցաւ կրկնակի հասցէ: «Հաւատարիմ հողին ու հային» դաւանեցաւ Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ իր ծննդեան առաջին օրէն ան եղաւ հայ մարդուն ազատութեան, ազգային ինքնորոշման, անկաշկանդ, բազմակողմանի եւ ներդաշնակ զարգացման դրօշակիրը:

Դաշնակցութիւնը խօսքով ու գործով տեւաբար պայքարեցաւ հայ մարդու շահագործման եւ իրաւազրկման դէմ` հաւատարիմ մնալով իր ծրագրային ըմբռնումներուն եւ քաղաքական հաւատամքին:

128 տարի Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ եղաւ հայ մարդու ազգային-քաղաքական իրաւունքներու հետապնդման դժուար գործին, հողի վրայ սեփական հայրենիք եւ պետականութիւն կերտելու, իսկ  հողէն դուրս` հողի վերատիրացման բազմակողմանի պայքար մղելու առաջադրանքին, այնպէս մը, որ հայ մարդը չկորսնցնէ իր ինքնութիւնը, վերադարձի իր երազը, կամքն ու կարելիութիւնը:

Ի զուր չէ, որ Դաշնակցութեան երէց հիմնադիրը` Քրիստափորը կոչուեցաւ «Մարդակերտ»: Քրիստափորի օրինակով, դաշնակցական անթիւ ղեկավարներ մարդակերտման հսկայական գործ կատարեցին` ստրուկ ու երկչոտ հայէն կերտելով իր ճակատագիրին տէր ու պաշտպան հպարտ ու քաջարի հայը` աննման հայ ֆետային, ժողովրդային ապստամբութեան անվեհեր հերոսը, կամաւորական գունդի անդամը, հայ արդարադատ բազուկը, Արցախեան պայքարի ազատամարտիկը եւ Լիբանանի թէ Սուրիոյ հայութեան ինքնապաշտպանութեան անձնուէր պահակ տղան:

«Հաւատարիմ հողին ու հային» կարգախօսը, հետեւաբար, կուսակցութեան բովանդակ պատմութեան, գաղափարախօսութեան եւ արժէքային համակարգին խտացումն է երեք բառերու մէջ, որոնք ընտրական սովորական նշանախօսքէ մը աւելին` խոստում եւ յանձնառութիւն են` մեր երկրին ու ժողովուրդին սպառնացող  մարտահրաւէրները ճակատէ՛ն դիմագրաւելու եւ հայ քաղաքական բեմին վրայ 128-ամեայ այս կուսակցութեան դերն ու առաքելութիւնը ճշդելու համար:

 

 

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live