Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Գրողի Անկիւն. Ո՞ւր Են Նորերը…

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ է, եւ յանկարծ` գեղեցիկ անակնկալ մը: Տէր եւ տիկին ինքնածին կ՛ուրախանանք:

Տեսակ մը` տօնական մթնոլորտ, որովհետեւ հինգ տարեկան մեր թոռնիկը` Հայկը, այս երեկոյեան մեզի «պիտի բերեն», ու ան մեր մօտ պիտի գիշերէ: Որովհետեւ իր ծնողները յատուկ հաւաքի մը հրաւիրուած են: Այսպէս, իր հայրը` մեր մեծ մանչը, իր կնոջ հետ երկրորդականի իր շրջանաւարտ դասարանի 30-ամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ պիտի գտնուի: Ուստի Հայկին «նայող» է պէտք:

Մէկ խօսքով` Class Reunion ունի:

Անկեղծօրէն յայտնեմ, որ Հայկին եւ նոյնիսկ միւս թոռնիկիս` Վանային ամէն առիթով եւ կամ ամէն ժամու ներկայութիւնները մեզ երբեք չեն խանգարած: Ընդհակառակն, ցնծութիւն եղած է: Ահա` մեծ ծնողներու անգիր պարտականութիւն-պարտաւորութիւններէն օրինակ մը: Դժգոհ չեմ, եւ երբեք ալ չենք եղած:

Այդ երեկոյ Հայկին հետ ժամեր շարունակ խաղալէ, կերցնելէ, կարդալ-զբաղեցնելէ եւ ապա առանց «հարցի» քնացնելէ ետք, յոգնած ու «ջարդուած»` ուզեցի սենեակս քաշուիլ ու պահ մը առանձնանալ:

Հաճելի ժամադրութիւն մը յարգողի նման` ես ինծի հանդիպիլ:

Ու վայրկեանին դարձեալ ինկած եմ մտածումներուս աշխարհին մէջ: Կը մտաբերեմ: Մենք ալ, իբրեւ նախկին դպրոցականներ, հո՛ս, այս ափերուն, Հալէպի մեր 70-ամեայ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին անունով ունինք մեր վարժարանին անունը կրող միութիւն-ընկերակցութիւն մը, որ պարահանդէս, նախաճաշ եւ կամ դաշտագնացութիւն պիտակին տակ տարին, սանկ` քանի մը առիթներով, մեր գաղութէն ներս բնակութիւն հաստատած ճեմարանականներս, ըլլանք շրջանաւարտ կամ ոչ, նոյն յարկին տակ կը հրաւիրէ, կը հաւաքէ, կարօտով կը մէկտեղէ, որպէսզի նոյն կերակուրը ուտենք, նոյն երաժշտութիւնը լսենք ու մեր Ճեմարանի գոյութէնէն բխող նորութիւններուն ծանօթանանք եւ, աւելի՛ն, ոչ միայն Ճեմարանով ապրինք, այլեւ նոյն մթնոլորտէն ջերմանանք եւ մեր կարելիով ալ նուիրաբերենք:

Գեղեցիկ եւ նոյնքան ալ` աւանդական:

Ու այսպէս, քառասուն տարիներ շարունակ մեր այս ընկերակցութեան իրարայաջորդ վարչութիւնները` իբրեւ խղճամիտ ու երախտապարտ կեցուածք, կառչած մնալով մեր ազգային գոյատեւման նպաստող հեռաւոր այդ կրթական կեդրոնին, ձեռնարկներէն, սրտաբուխ նուիրատուութիւններէն իրենց հաւաքած կամ հանգանակած լոյսի չափ անհրաժեշտ նիւթականով օգտակար փորձեցին դառնալ` անոր կեանքի հեւքը թեթեւցնելու համար: Իւրաքանչիւր հաւաք մեզի համար ալ տեսակ մը School Reunion էր:

Թերեւս շատերուն համար այս խօսքերը կրկնութիւններ ըլլան կամ ալ թուին: Հոգս չէ:

Միւս կողմէ, սակայն, տեսանելի են, որ ներկայիս միութիւններ, ըլլան անոնք հայրենակցական, կրթական, մարզական, մշակութային, նոյնիսկ` հայ վարժարաններ, նիւթականի կողքին եւ աւելին, կը տառապին մարդուժի, մանաւանդ նոր սերունդի ներկայացուցիչներու բացակայութենէն: Կարծես այս բոլորին մօտ եւ համար մեր նորերու եւ կամ նոր սերունդի հետաքրքրութիւնը հետզհետէ սկսած է նուազիլ, պակսիլ, կամ նոյնիսկ ցամքած ալ է: Հիները փոխարինող նորեր չկան: Չեն գար: Չեն մօտենար: Իրենք ուրիշ հետաքրքրութիւններ ունին: Իրենց աշխարհը ուրիշ է, կարծես: Տարբեր մոլորակ:

Ու այս բոլորը հիմա եւ տեւաբար հրապարակով հնչեցնելը անհրաժեշտ պայման նկատած ենք, որովհետեւ մեզի համար ալ ապագայի հաշուոյն մտահոգիչ եւ վտանգաւոր կացութիւններ ստեղծող երեւոյթներ են: Յիշեալ կամ նշեալ միութիւններու շարքերուն մէջ զգալի է «նորերուն» բացակայութիւնը:

Արդեօ՞ք իրենք մեզ չեն հասկնար: Արդեօ՞ք մենք իրենց «ցաւերուն», կարիքներուն տեղեակ չենք: Արդեօ՞ք մենք իրենց համար «հին» ենք կամ «ծեր», գործով ու մտայնութեամբ: Արդեօ՞ք իրենց մէջ գիտակցութեան կամ հաւաքական ու ազգային զոհաբերութեան պակասը կայ: Չեմ գիտեր:

Անշուշտ բոլորն ալ հաւանաբար ունին իրենց արդարացուցիչ պատասխանները: Բայց… Հիմա զիս մտահոգողը կամ հետաքրքրողը մեր դպրոցն է: Մեր Ճեմարանը, որուն քարերը մաշեցուցած ենք տարիներով, ուր նաեւ մեր գոյատեւման պայքարը ստացած է ազգային իմաստ:

Այսօր պահանջը զգացի գրելու, որովհետեւ նպատակը սրտիս մօտ է:

Ամէն առիթով կրկնած ենք, որ Ճեմարանը «վերանորոգ թափով պէտք է շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը` դժուարութիւններու յաղթահարման ու դիմադրողականութեան օրինակ ծառայելով»:

Շա՛տ ճիշդ: Սակայն ո՞ւր են անոր հեւքը թեթեւցնող նորերը: Ահա` շեշտուած իրականութիւնը: Ո՞ւր են նորերը` իրենց ճեմարանական Class կամ School Reunion-ները  փնտռող  նորերը: Բոլորս ալ գիտենք, որ, փա՛ռք Աստուծոյ, հո՛ս, մեր գաղութին մէջ բաւական մեծ թիւով Հալէպի ճեմարանականներ կ՛ապրին: 80-90-ականներու եւ անկէ ետքի շրջանաւարտներ շատ կան: Ասոնք բոլորն ալ անկասկած տեղեակ են, որ անցնող քառասուն տարիներուն, երբ նոյնիսկ իրենք աշակերտական գրասեղաններու վրայ էին, հոսկէ մեր այս ընկերակցութիւնը իր զանազան նախաձեռնութիւններով եւ գերագոյն զոհողութիւններով միշտ իր անկարելին կարելի ըրած էր եւ համեստօրէն ու օրին օժանդակած` վարժարանի զանազան կարիքներուն:

Մէկ խօսքով, Ճեմարանի գլխաւոր բարերարներէն եւ աջակցողներէն մէկը եղած էր եւ կը շարունակէ մնալ Լոս Անճելըսի մեր այս ընկերակցութիւնը: Հաստատօրէ՛ն:

Համեստաբար կը գրեմ ու կը կրկնեմ այս տողերը: Բառերուս նոր շունչ կ՛ուզեմ տալ: Հաւանաբար շատերու մօտ զգացական պոռթկում ալ կը նկատուի: Կրկին հոգս չէ: Սակայն այս է իրականութիւնը:

Կը կրկնեմ. ո՞ւր են նորերը, այն բոլորը, որոնք տակաւին երէկ կ՛ուսանէին այս հսկայ կրթարանէն ներս, իսկ այսօր իբրեւ շրջանաւարտ կամ ոչ` հոս են, այս գաղութին մէջ կ՛ապրին եւ նոյնքան անտարբեր ու հեռու են այս հաստատութեան նախաձեռնութիւններէն: Մէկ խօսքով` բացականեր:

Արդեօ՞ք իրենց համար Ճեմարանը յուշ դարձած է: Մեղա՜յ… հազա՛ր մեղայ  Զարեհ սրբազանին, Քարէն Եփփէին եւ Հրաչ Փափազեանին… Ըսէ՛ք… անմոռանալի եւ անզուգական այս կրթարանը ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ: Թո՛ղ գէթ անգամի մը համար իրենց խղճին հարց տան: Թո՛ղ նաեւ անգամի մը համար ենթագիտակցութիւնը բանայ իրենց կորսուած յիշողութիւնները: Արդեօ՞ք ամէն անգամ ողբերգութիւնը պէտք է հասնի, որ մենք ինքնագիտակցութեամբ լեցուինք, կամ միաւորուինք: Արդեօ՞ք մոռցած ենք մեր վարժարանին առաքելութիւնը: Արդեօք այս մէկը ուրացո՞ւմ պէտք է նկատենք, թէ՞ ոչ խոստովանանք:

Արդեօքներուս շարքը կրնայ երկարիլ: Տաժանելի է այս զգացումը:

Դո՛ւք որոշեցէք: Դո՛ւք: Յատկապէս անոնք, որոնք իրենք զիրենք հեռու պահած են քառասուն տարուան այս ստեղծուած սրտի մօտիկ եւ նոյնքան ալ հաճելի մթնոլորտէն:

Այս բոլորը ճշմարիտ միտքերու խտացում կը նկատեմ:

Հաւաքական եւ անձնական գիտակցութիւն է պէտք: Չենք կրնար եւ իրաւունք չունինք ամէն բան բախտին ձգել: Անկեղծութեան եւ պարզութեան աշակերտած ենք, բոլո՛րս ալ: Այս մէկը մեզի իբրեւ ժառանգ տուած է մեր այդ սիրելի եւ մեզմէ հազարաւոր մղոններ հեռու շնչող եւ ապրող մեր կրթարանը, ուստի պարտաւոր ենք բոլորով անոր աջակցիլ: Կարեւորը նպատակն է: Անտարբերութիւնը անընդունելի է: Հետեւողական աշխատանքի կարօտը ունինք գալիք ուղիները լուսաւորող շող: Գործի անցնինք: Թեւ ու թիկունք կանգնինք:

Եկէ՛ք եւ միացէ՛ք: Արդար եւ սրտի մօտիկ կոչ մըն է: Ձեր դրական ներկայութեամբ ձեռնարկները քաջալերեցէ՛ք: Գիտակից որդեգրում մըն է: Դո՛ւք ալ յանուն մեր այդ դպրոցի վերելքին ու բարգաւաճման, օրուան պատմութեան մասնակից դարձէ՛ք:

Դպրոց ըսի ու աւելցնեմ. ասիկա պարզ դպրոց մը չէ,  այլ` յստակ անուն ունի, ասիկա այն դպրոցն է, ուր բոլորս ալ օր մը, բախտաւոր ու երջանիկ օր մը, կամովին եւ հաւատաւոր, անոր մտքի աւազանին մէջ հայութեամբ եւ ազգային գիտակցութեամբ մկրտուեցանք, եւ որուն անունը ցարդ Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան է:

Մնացեալը` մեղքը ձեր վիզը…

 


Քաղաքական Անդրադարձ. Հայաստան Նեղ Կացութեան Կը Մատնուի

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթըն անցեալ շաբաթ այցելեց Հայաստան, ուր պաշտօնական ընդունելութեան կողքին, ան նաեւ ամերիկեան դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցաւ կարգ մը ակադեմականներու հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Պոլթընի կատարած յայտարարութիւնները բաւական մեծ անհանգստութեան դուռ բացող վերլուծութեան պատճառ դարձան հայկական եւ ռուսական մամուլին մէջ:

Մոսկուայէն դիտուած` Պոլթըն կը փորձէ որոշ տնտեսական խոստումներ տալ Հայաստանին, որպէսզի վերջինս իր սահմանը փակէ Իրանի հետ: Բան մը, որ անընդունելի է Ռուսիոյ համար, որովհետեւ Հայաստան միակ ռազմավարական եւ Ռուսիոյ դաշնակից երկիրն է, որ սահման ունի Իրանի հետ:

Թեհրանէն դիտուած` ասիկա մտահոգիչ է այն առումով, որ իրեն սահմանակից եւ ռազմավարական երկիր մը կը միանայ Միացեալ Նահանգներու դաշինքին: Հոս պէտք է նշենք, որ Իրան առաջին իսկ օրէն Հայաստանի ժողովրդային շարժումը որակեց իբրեւ գունաւոր յեղափոխութիւն, որուն հիմնական նպատակն է տապալել հակաամերիկեան կառավարութիւնները շրջանին մէջ:

Երեւանէն տարբեր արձագանգներ կային Պոլթընի այցելութեան շուրջ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ Հանրապետական կուսակցութիւնը մերժեցին այն յայտարարութիւնները, որոնց ընդմէջէն Պոլթըն կոչ կ՛ուղղէր Երեւանին` դուրս ելլելու իր «գաղափարական քաղաքականութենէն»: Ըստ բազմաթիւ աղբիւրներու, Պոլթըն դռնփակ հանդիպումներու ժամանակ նաեւ ըսած է, որ Հայաստան պէտք է հողային որոշ զիջումներ կատարէ Արցախի մէջ: Հայաստանի նոր իշխանութեան պատասխանը 3 օր ուշացաւ, մինչեւ որ վերջապէս վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարեց, որ Պոլթըն չի կրնար իր անունով խօսիլ:

Այս բոլորը կ՛ապացուցեն, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի նկատմամբ փոխուած է: Նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի ժամանակ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Հայաստանի հաշիւը կ՛ընէր` իբրեւ երկրի մը, որ նկատի ունենալով իր աշխարհաքաղաքական դիրքը` ստիպուած է վարել ռուսամէտ քաղաքականութիւն: Ասիկա նաեւ ընդունուած է Եւրոպական Միութեան կողմէ: Սակայն Պոլթընի կատարած յայտարարութիւնները Արցախի եւ Հայաստան-Իրան յարաբերութեան վերաբերեալ կը բացայայտեն, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը շատ հեռու է աշխարհաքաղաքական հաշիւներէ:

Ներկայիս Թրամփի ղեկավարութեամբ Միացեալ Նահանգներ կը վարեն կոյր եւ անորոշ արտաքին քաղաքականութիւն մը, որով չեն կրնար զանազանել հակառակորդը դաշնակիցէն: Այս իրականութեան մէջ Հայաստան պէտք է զգուշ ըլլայ: Երեւանի իշխանութիւնները պէտք է կապ հաստատեն Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբերուն հետ, որպէսզի երկու կողմերը բացատրեն Հայաստանի դիրքը այս հարցին մասին եւ Իրանի հետ ռազմավարական կապերու կարեւորութիւնը Հայաստանի համար: Միացեալ Նահանգներ պէտք է հասկնան, որ Հայաստանի առաքելութիւնը կը մնայ կամուրջ հաստատել Արեւելքին եւ Արեւմուտքին միջեւ:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Հայ Օգնութեան Միութիւնը Արժէք Է

$
0
0
ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեանին Խօսքը` ՀՕՄ-ի Օրուան Տօնախմբութեան

Ինծի համար համեստացնող հանգամանք է ՀՕՄ-ի օրուան այս պանծալի առիթով ներկայանալ իբրեւ բանախօս: Այո՛, ոչ միայն այն յստակ պատճառով, որ իբրեւ այր մարդ տակաւին շա՜տ բան ունիմ սորվելիք կնոջական այս վիթխարի կազմակերպութենէն, բայց նաեւ` այն հոգեվիճակին իբրեւ արդիւնք, երբ ձեռք բերուած արդիւնքներուն քանակն ու որակը կը ստեղծեն ինքնագիտակցութեան այնպիսի պատասխանատուութիւն, որուն նկատմամբ կարելի չէ նոյնիսկ դոյզն չափով ըլլալ անփոյթ:

Ի վերջոյ, մէկ դար եւ գրեթէ տասնամեակէ մը աւելի ժողովուրդին ծառայելու իր բացարձակ յուշագրումով ՀՕՄ-ը կը ներկայացնէ բարեսիրական այն կազմակերպութիւնը, որուն առաքելութիւնը անշեղօրէն բիւրեղացած է, եւ որուն հոգատար ձեռքը հասած ու օրհնած է անհամար սրտեր` երկրագունդի գրեթէ բոլոր անկիւններուն:

Այս ո՛չ լոզունգ է, ո՛չ փքած փաղաքշանք կամ անտեղի դրուատում: Իսկապէ՛ս, անկեղծօրէն, ՀՕՄ-ը իր աշխատանքով ինքզինք հաստատած է համազգային մեր տարածքին վրայ այնպէս, որ իր բացակայութիւնը մեր իրականութենէն հիմնովին պիտի փոխէր կառուցուածքային այն ենթահողը, որուն վրայ հանգչած է ազգային մեր հաւաքական զգացումը:

Նորէն կը կրկնեմ, սիրելինե՛ր,

Ասոնք լոկ լոզունգներ չեն, ոչ ալ արձագանգը` միտքեր շարահիւսելու ոեւէ բանախօսի մարտահրաւէրին: Հայ օգնութեան միութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին, ուղղակի թէ անուղղակի, գիտակցութեան թէ ենթագիտակցութեան մէջ, մատչելի դարձուցած է լաւին, բարիին, շինիչին հետ առնչուելու կարելիութիւնը:

Չկան այնտեղ կոշտ անկիւններ, քաղաքական մրցակցութիւնը բնորոշող թերի երեւոյթներ կամ կործանարար քայլեր: Կայ միայն ծառայութիւն, ազնուութիւն շնորհող բարեսէր աշխատանք, մարդ արարածի պայծառ արժանիքները արտացոլացնող ներկայութիւն, ազգային հպարտութիւն ու արժանապատուութիւնը տածող անխոնջ գործունէութիւն:

Ահա այս է պատճառը, որ այսօր բախտաւորութիւնը ունիմ հո՛ս, այս բեմին վրայ, այս րոպէին լեցուելու ամբողջովին հպարտութեամբ:

Եւ դո՛ւք էք, ՀՕՄ-ի ընկերուհիներ, այդ հպարտութեան շարժառիթը: Եւ մենք միայն երախտապարտ կրնանք ըլլալ ձեր մէկ դար եւ գրեթէ մէկ տասնամեակ ծառայութեան համար, որուն օգուտը քաղողը եղած է միայն մեր ազգը:

ՀՕՄ-ի ընկերուհիներ,

Չեմ ուզեր ձեր համեստութիւնը վիրաւորել, բայց կը խնդրեմ, որ կանգնիք ոտքի մէկ վայրկեան, որպէսզի արժանանաք մեր երախտագիտութեան ծափահարութիւններուն:

Հայ օգնութեան միութիւնը արժէք է: Այդ իմաստով ալ իւրայատուկ է, որովհետեւ իր ազգային արժէքը խարսխուած է անցեալին մէջ, սակայն անշարժ չէ: Անիկա չափազանց աշխուժ է, ուժականօրէն կը բանի եւ, հետեւաբար, իր ազգային արժէքի հանգամանքը շարունակաբար կը նորոգէ, եւ այդ ալ` բազմապիսի ոստումներով:

Մարդասիրական եւ բարեսիրական ծառայութիւն` աշխարհի որեւէ անկիւն, ուր կարիքը կը զգացուի: Ազգային եւ մշակութային ինքնութեան պահպանում` բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ուր կայ հայ համայնք: Կրթական, ընկերային, առողջական ոլորտներու մէջ կազմակերպուած ծառայութիւն: Դաստիարակութիւն` իր շարքերուն մէջ, որպէսզի անդամները դառնան շարժիչ ուժ` ընկերային ծառայութեան մէջ: Ներգործօն մասնակցութիւն` իւրաքանչիւր գաղութի հասարակական աշխատանքներուն մէջ: Փոխյարաբերութեան մշակում եւ գործակցութիւն` միջազգային մակարդակի վրայ գործող այլ կազմակերպութիւններու հետ, ինչպիսիք են Կարմիր Խաչը եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն: Եւ բազմամակարդակ այլ գործունէութիւն:

Այս է ՀՕՄ-ը: Ծառայութեան ընդմէջէն նուիրաբերում` ծաւալելով գործունէութեան այնպիսի դաշտ, որ մեր ժողովուրդի ամէնօրեայ գոյութեան մէջ ունի զգալի ներկայութիւն` Ֆրանսայէն Լիբանան, Ամերիկայէն Աւստրալիա եւ մինչեւ Հայաստան, Արցախ ու Ջաւախք: Այս է ՀՕՄ-ը, որ առանց որեւէ քաղաքական գունաւորումի, իր բարեսիրական եւ ծառայողական աշխատանքին իբրեւ արդիւնք, ունի նաեւ իր պատկառելի տեղը աշխարհաքաղաքական հոլովոյթներու մէջ:

ՀՕՄ-ի ազդեցութիւնն ու արժէքը աւելի մեծ են, քան ինչ որ իրենք` ՀՕՄ-ականները կը գնահատեն: Առանց վարքագծային իմաստով այդ նպատակին տրամադրուած ըլլալու` ՀՕՄ-ը նաեւ իր կարեւոր տեղը ունի մեր ազգային պահանջատիրական պայքարին մէջ: Կրնանք միայն զմայլիլ իր նուաճած բարձունքին` մեր հաւաքական գոյութեան մէջ եւ ճանապարհին վրայ:

Խօսքիս սկիզբը ըսի, որ համեստացնող հանգամանք էր ինծի ներկայ գտնուիլ այստեղ, այսօր, իբրեւ բանախօս: Անշուշտ մտածեցի, թէ ինչո՛ւ ես: Սեռային խտրականութիւն չունենալու խորհրդանի՞շն եմ արդեօք, թէ՞ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիները զիս կը սեպեն իրենց անմիջական կազմակերպական ընտանիքի անդամ,  թէ՞ կան այլ պատճառներ, որոնցմէ տեղեակ չեմ ես ընդհանրապէս: Կ՛ենթադրեմ սակայն, որ տեղ մը նկատի առնուած է ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հետ երկար տարիներ առաջ առնչութիւնս, որուն արմատները, սակայն,  տակաւին մեծ նշանակութիւն ունին ինծի համար:

Երեւի 20-21 տարեկան եղած ժամանակս աշխատած եմ Շրջանային վարչութեան գրասենեակին մէջ, նախ` իբրեւ վարիչ-քարտուղար` Ժան Գոսագեանին օգնական, ապա, այս վերջինին «Ասպարէզ»-ի խմբագրութիւնը ստանձնելէն ետք, իբրեւ վարիչ-քարտուղար: Եթէ չեմ սխալիր, համալսարանի տարիներուս ընթացքին, գրեթէ մինչեւ մագիստրոսի ուսումիս աւարտը, ես աշխատեցայ իբրեւ Շրջանային վարչութեան վարիչ-քարտուղար: Երբ յետադարձ ակնարկ մը կը նետեմ այդ տարիներուն վրայ, որոնք իմ անձնական կեանքիս մէջ բաւական դժուար եւ ծանր տարիներ էին, տպաւորած են զիս իբրեւ անբացատրելի գուրգուրանքի, մայրական խնամքի բնազդը յիշեցնող ժամանակաշրջան: Այդ գրասենեակը ինծի համար ապաստան էր` բոլոր այն դժուարութիւններուն դիմաց պաշտպանող, զորս կը դիմագրաւէի: Եւ վերջը հասկցայ, որ արժանացած էի այդպիսի վերաբերմունքի, որովհետեւ այդ ընկերուհիները արտացոլացումն էին այս մեծ կազմակերպութեան բարեսիրական եւ ծառայողական սկզբունքներուն, զորս դարձուցած էին իրենց անհատական աշխարհահայեացքը սահմանող կողմնացոյց:

Աշխատանքիս աւարտէն ետք, երբ արդէն կը հետեւէի դոկտորական ուսումիս, տարիներ շարունակ ստացած եմ ՀՕՄ-ի կրթաթոշակ (կարծեմ` «Լազարեան» կրթաթոշակ էր անունը), որուն շնորհիւ կրցայ աւելի հանգիստ ձեւով ամբողջացնել ուսումս:

Հետեւաբար սխալ պիտի չըլլամ, եթէ ըսեմ, որ մէկ կարեւոր չափով կը պարտիմ Հայ օգնութեան միութեան, որ այսօր կանգնած եմ այստեղ:

Ահա այս է ՀՕՄ-ը եւ միշտ ալ պիտի ըլլայ ա՛յս: Ծառայել ազգին եւ իր ծառայութեամբ իմաստաւորել մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքը:

Հետեւաբար ի՛ր օրը, նաեւ մե՛ր օրն է:

Շնորհաւոր բոլորիս:

14 հոկտեմբեր 2018

Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութեան 17-րդ Վեհաժողովի Երեւանի Մէջ Կայացումը Դրական Արձագանգ Ունեցաւ Եւրոպական Երկիրներու Ղեկավարներուն Մօտ

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ճասթին Թրիւտօ. «Հայերը Իւրայատուկ Ժողովուրդ Են.
Ուր Ալ Ըլլան Կը Պահպանեն Ազգային Ինքնութիւնը»

«Ապրիլ միասին» կարգախօսին ներքեւ, Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովը կայացաւ 11-12 հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ: Հոն արտասանուած պաշտօնական խօսքերուն ու տարուած արդիւնաբեր աշխատանքներուն առընթեր, հարկ է լուսարձակի տակ առնել միջազգային հանրայայտ ղեկավարներու գօտեպնդիչ յայտարարութիւններն ու խօսքերը` ուղղուած Հայաստանին առհասարակ եւ հայ ժողովուրդին մասնաւորաբար, որոնք օրին զանազան կայքէջերու եւ թերթերու մէջ լայն արձագանգ գտան:

Առաջին հերթին պէտք է ընդգծել, որ այսպիսի տարողութեամբ եւ միջազգային յայտնի ղեկավարներու (84 երկիրներու պատուիրակութիւններ եւ 38 ղեկավարներ) մասնակցութեամբ կայացած այս վեհաժողովը իր տեսակին մէջ աննախընթաց էր: Հոս հարկ է նշել նաեւ, որ այս ղեկավարներուն առաջին այցելութիւնն էր Հայաստան: Հայրենի  ղեկավարներուն հիւրընկալութիւնն ու յարգանքը եւ կազմակերպուածութիւնը մեծ տպաւորութիւն ձգեցին անոնց վրայ:

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի, Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյին եւ  Պելճիքայի վարչապետին այցելութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր կ՛ապացուցեն այն խոր յարգանքն ու սէրը` ուղղուած հայ ժողովուրդին:

Սակայն ո՞վ է այն ազնիւ հայորդին(երը), որ տպաւորած է Ֆրանսայի նախագահն ու Քանատայի վարչապետը եւ զիրենք մղած յարգելու հայ ժողովուրդը:

Այս հարցումին յստակ պատասխան տալու համար հարկ է անդրադառնալ իւրաքանչիւր ղեկավարի կեանքի յատկանշական դէպքերուն:

Էմմանուէլ Մաքրոն. «Հայերը, Ո՛ւր Ալ Եղած Են, Միշտ Փորձած Են Աջակցիլ Ու Ձեռք Երկարել Օգնութեան Կարիք Ունեցողներուն»

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն դպրոցական շրջանին տարբեր ազգերու պատկանող բազմաթիւ ընկերներ ունեցած է: Բայց իր ճակատագրական դերը ունեցած է ազգութեամբ հայ ընկերոջ արարքը…

Մաքրոն ունեցած է հայ դասընկեր մը` համեստ նկարագիրով, որ շատ նկատի չէր առնուեր իր դասընկերներուն կողմէ, ու անոր հետ մտերմութիւն չունէր ինք:

Երբ օր մը Մաքրոն վէճի բռնուած էր բարձր դասարանի 5-6 աշակերտներու հետ (իրմէ 3-4 տարի մեծ), այդ պահուն կը մտածէր` ինչպէ՛ս կրնայ անոնցմէ ձերբազատիլ ու փախչիլ: Ան շարունակ կ՛աղօթէր, որ Աստուած օգնէր իրեն, որովհետեւ գիտէր լաւ վերջ պիտի չունենայ: Երբ այդ աշակերտները կը սկսին Մաքրոնի հագուստները քաշել, յանկարծ կը մօտենայ իր դասընկերը` Յարութը: Յարձակող խումբը` Յարութին տեսնելով ետ կը քաշուի եւ կը սկսի բարեւել անոր: Ապա Յարութը կ՛ըսէ, թէ Էմմանուէլը իր դասընկերն է, եւ, ձեռքը անոր վիզին դնելով, կը հեռացնէ Մաքրոնը այդտեղէն: Այդ օրուընէ Յարութը կը դառնայ Մաքրոնի ամենամտերիմ ընկերներէն մէկը:

Ճասթին Թրիւտօ. «Երբ Փոքր Էի, Հայրս Դէպք Մը Պատմեց Հայաստանի Մասին, Եւ Աչքերս Լեցուեցան»

Հետաքրքրական է անդրադառնալ նաեւ Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի կեանքին մէջ պատահած այն յատկանշական պատմութեան, որ խոր ազդեցութիւն ձգած է անոր վրայ: Ան հազիւ 14 -15 տարեկան պատանի էր եւ օր մը երեկոյեան, ընթրիքէն ետք իր հօրը հետ հեռատեսիլէն կը դիտէր Շարլ Ազնաւուրի մասին հաղորդում մը: Աւարտին հնչեց Շարլ Ազնաւուրի երգերէն մէկը, յանկարծ նկատեց, որ իր հայրը կ՛արտասուէ: Երբ հարց տուած եւ ուզած էր գիտնալ հօրը լալուն դրդապատճառը, ան յայտնած է, որ փոքրիկ երկրի փոքրիկ երգիչը, որ ամբողջ աշխարհը գրաւեց,  ֆրանսացի էր, սակայն ազգութեամբ հայ: Հայերը հին ժողովուրդ են, բազում արհաւիրքներ ու փորձութիւններ տեսած: Մեծ եղեռնէն ետք, երբ Ամերիկան եւ Եւրոպան գրկաբաց ընդունեցին կոտորածէն փրկուած մարդոց, մեր կառավարութիւնը չառաւ այդ քայլը, միայն ընդունեց սակաւաթիւ հայեր, ինչին համար կ՛ափսոսամ եւ կ՛ամչնամ: Այդ ժամանակ Թրիւտօ բան չհասկցաւ, սակայն երբ մեծցաւ եւ խորունկ կերպով ծանօթացաւ Ազնաւուրի արուեստին ու հայ ժողովուրդի պատմութեան, անոր անցած ուղիին, այն ատեն գիտցաւ իր հօրը յուզումը եւ ինչպէս կարելի է ամչնալ չըրած արարքիդ համար: Ահա Ազնաւուր գլխագիր հայուն թողած տպաւորութիւնը եւ աւանդը օտար երկրի ղեկավարի մը ենթագիտակիցին մէջ: Ազնաւուր իր մեծ վաստակով, արուեստով, հայրենասիրութեամբ անուրանալի դրոշմ ձգած է Քանատայի վարչապետին մօտ:

Ֆրանսայի Նախագահին Կարեւոր Յայտարարութիւնը «Ազնաւուր» Կեդրոնին Մէջ
Եւ Ցեղասպանութեան Թանգարանի Յուշամատեանին Մէջ Գրառումը`
Ի Նպաստ Հայաստանի Եւ Հայութեան

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն «Շարլ Ազնաւուր» կեդրոն այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Ֆրանսան կը շարունակէ միջազգային հանրութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար Շարլ Ազնաւուրի մղած պայքարը: Ան իր խոր յուզումը յայտնեց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութեան առիթով, յատկապէս շեշտելով, որ յիշել ցեղասպանութիւնները եւ դատապարտել անոնց ժխտողականութիւնը կը նշանակէ պայմաններ ստեղծել անոնց կրկնութենէն խուսափելու համար: Նախագահը յանդուգն արտայայտութեամբ  յայտարարեց, որ իր խոստումը պիտի կատարուի եւ 24 ապրիլը Ֆրանսայի մէջ պիտի նշուի իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր: Մաքրոն իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց այդ օրերուն մահացած Շարլ Ազնաւուրին, որուն երազն էր նախագահին հետ հանդիպում ունենալ այդ կեդրոնին մէջ: Մաքրոնին իսկ վկայութեամբ,  Ազնաւուրի պայքարը չձախողեցաւ եւ իր գործունէութեան իբրեւ արդիւնք այսօր երեխաներ դպրոց կ՛երթան, ընտանիքներ ելեկտրականութիւն ունեցան եւ ենթակառուցուածքներ վերականգնեցան: Հայաստան ոտքի կանգնեցաւ եւ ուժեղ մնաց շնորհիւ իրեն:

Ինչ ուրախալի երեւոյթ է, որ այս «Ազնաւուր» կեդրոնը պիտի դառնայ արուեստի կեդրոն մը, եւ հոն զարկ պիտի տրուի ֆրանսերէնի նոր մեթոտով ուսուցման` հիմնուած  Ազնաւուրի  ստեղծագործութիւններու բնագիրներուն վրայ, նաեւ հանդէս պիտի գայ իբրեւ կրթական, մշակութային փոխանակումներու, քննարկումներու եւ ուսանելու վայր: Այս կեդրոնին գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնելու միտումով, առանձին կը ներկայացնենք Շարլ Ազնաւուրի որդիին` Նիքոլա Ազնաւուրին հարցազրոյցը ֆրանսական «Լը ժուրնալ տիւ տիմանշ» շաբաթաթերթին հետ:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ Ֆրանսայի նախագահը հետեւեալ գրառումով անգամ մը եւս իր զօրակցութիւնը եւ յուզումը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին. «Ֆրանսայի անունով ես յարգանքի տուրք կը մատուցեմ բոլոր անոնց, որոնք ինկան «արեւն առած իրենց աչքերուն մէջ», անոնք, ովքեր «միայն ապրիլ կ՛ուզէին»: Ֆրանսան քողազերծած է Ցեղասպանութիւնը  դեռ 1915 թուականին մտաւորականներու կողմէ: Եւ ան ընդունած է երեխաներ եւ ընտանիքներ, որոնք ճողոպրած են Ցեղասպանութենէն եւ անոնք մեր ազգը աւելի պանծացուցին: Ֆրանսան երբեք պիտի չմոռնայ եւ պիտի պայքարի ճշմարտութեան ու ճանաչման համար: Այս տխուր խոնարհումը անոնց համար, որոնք ինկան: Մեր եւ գալիք սերունդներուն համար»:

Տպաւորութիւններ` Հայաստան Այցելութեան Առիթով

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն իր ուրախութիւնը յայտնեց Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովի յաջող կայացման եւ Հայաստան գտնուելուն առիթով: Ան առանձնայատուկ կարեւորութիւն ընծայեց այս մեծ իրադարձութեան, որ Հայաստանի ի նպաստ է: Ան իր քաղաքական ուղեգիծին մասին հետեւեալը արտայայտեց. «Պէտք չէ մեկնաբանութիւն ընել իմ տպաւորութիւններուս մասին: Պէտք է գործել, աշխատիլ, տեսլական ունենալ եւ գործել համաձայն այդ տեսլականին»:

Իր կարգին Ֆրանսայի առաջին տիկին Պրիժիթ Մաքրոն իր անկեղծ տպաւորութեան մէջ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ իրենք շատ լաւ կը զգան եւ չեն ուզեր հեռանալ Հայաստանէն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին` արտակարգ ընդունելութեան համար:

Քանատայի վարչապետը Հայաստան իր այցելութեան ընթացքին, նախագահական նստավայրին մէջ հանդիպելէ ետք Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին, բարձր գնահատած է իր երկրին մէջ հայկական ծագում ունեցող 60 հազար քաղաքացիներու ներդրումը Քանատայի յաջողութեան մէջ: Քանատայի վարչապետը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանն ու Քանատան կը կարենան միասին  աւելի ամուր ապագայ կառուցել` յայտնելով, որ հայերը իւրայատուկ ժողովուրդ են եւ աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուին, կը պահեն իրենց ազգային ինքնութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը: Քանատայի վարչապետին ուրախ տրամադրութիւնը Երեւան գտնուելուն առիթով, դրական արտայայտութիւնները Քանատա հաստատուած հայորդիներու նկատմամբ, Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը լաւագոյնս կը բնորոշեն գալիք օրերուն մշակուելիք ծրագիրներուն եւ հեռանկարներուն արդիւնաւէտութիւնը` Հայաստանին ի նպաստ:

 

 

 

Հայաստանի բաց սահմանները փակելու եւ փակ սահմանները բանալու արկածախնդրութիւնը

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Առաջնորդելու կոչուած ղեկավարի մը պարտականութիւնն է ախտաճանաչումը կատարել, վերլուծել եւ քննել առկայ քաղաքական որեւէ իրավիճակ, որ կառնչուի երկրի անվտանգութեան ու բարօրութեան։ Ուստի, պէտք է հասկնալի համարել Ազգային Ժողովի լուծարումէն առաջ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի նկատողութիւնները Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներուն կապակցութեամբ։

Մեկնակէտ ունենալով Հայաստանի դէպի ծով ելք չունենալու (landlocked) հանգամանքը, Պրն. Փաշինեան նկատեց, «Հայ-իրանական սահմանը դե ֆակտօ ամէն պահի կարող է փակուել՝ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջև յարաբերութիւնների եւ աշխարհաքաղաքական իրավիճակի պատճառով։ Հայ-վրացական սահմանը դե ֆակտօ կարող է փակուել, օրինակ՝ վատ եղանակային պայմանների պատճառով, աշխարհաքաղաքական պայմանների պատճառով։ ՀՀ-ն կղզի է՝ առանց ծովի։ Այս պայմաններում ինչպէ՞ս պէտք է վարուի ՀՀ-ն։ Հիմա հայ-թուրքական յարաբերութիւնների հետ կապուած՝ պէտք է նոյնն ասեմ, ինչ միշտ է ասուել՝ ՀՀ-ն պատրաստ է առանց նախապայմանների հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորմանը։»

Վարչապետի պաշտօնակատարի այս բացատրութիւնը արդար մտահոգութիւններու դուռ կը բանայ, որովհետեւ իր մատնանշումները կը հանդիսանան հաստատումներ, որոնք լաւագոյն պարագային թէական են։

Մէկ կողմէ ան կ՚անդրադառնայ բաց սահմաններու մասին, որոնք կրնան փակուիլ։ Այսպէս, ան կը պնդէ, թէ հայ-իրանական սահմանը կամ հայ-վրացական սահմանը «դէ ֆակտօ ամէն պահի» կրնան փակուիլ։ Բայց փաստը այն է, որ այս սահմանները բաց են եւ չեն փակուած երկար ժամանակէ ի վեր։ Հետեւաբար, հարց կը ծագի թէ կա՞ն հիմնաւորեալ փաստեր, որոնք մատնացոյց կ՚ընեն այս սահմաններուն «դէ ֆակտօ» փակումի հաւանականութիւնը։

Միւս կողմէ ան կ՚արծարծէ պարագան փակ սահմաններու, որոնք կրնան բացուիլ։ Այսպէս, ան կ՚ակնարկէ «հայ-թուրքական» յարաբերութիւններուն՝ ի մտի ունենալով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ փակուած սահմանները։ Մեկնելով Իրանի եւ Վրաստանի հետ սահմաններու «դէ ֆակտօ» փակուելու ենթադրութենէն, ան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ «առանց նախապայմանների հայ-թուրքական յարաբերութիւնների» կարգաւորումը՝ հետեւելով նախորդ կառավարութիւններու վարքագծին։ Այսպիսի կարգաւորումէն ակնկալութիւնը այն է, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ փակ սահմանները կը բացուին, ի դիմաց Իրանի եւ Վրաստանի հետ սահմաններու հաւանական փակումին։

Հայրենիքի արտաքին յարաբերութեանց մէջ բաց սահմաններու փակման հաւանականութեան եւ փակ սահմաններու բացման ակնկալութեան վրայ հիմնուած զարգացող վարքագիծ մը լի է վտանգաւոր ականներով, որոնց իւրաքանչիւրին պայթիւնը մեր հայրենիքը քիչ մը աւելի պիտի մօտեցնէ թուրք-ազերիական ենթակայութեան։

Այսպիսի վարքագծի մը մշակումը թերեւս պարտադրանքն է արտաքին որոշ ուժերու, որոնց ռազմավարական շահերը ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ չեն համընկնիր հայութեան ու Հայաստանի հիմնական շահերուն։ Նման վարքագիծ մը թէկուզ հետեւանք է մեր անփորձութեան։

Ինչ ալ ըլլան նման վարքագծի մը ներշնչման աղբիւրները, հայրենի իշխանութիւնները չեն կրնար թոյլատրել նման արկածախնդրութիւն՝ մեր արտաքին յարաբերութիւններու մակարդակին վրայ։ Հայաստանի ու համայն հայութեան համար ճշդուած որեւէ վարքագիծ՝ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ, ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան խարսխուած է եւ պէ՛տք է ըլլայ մեր ազգային արեւելումի, այսինքն՝ հայկական օրիէնտացիայի սկզբունքներուն ու արժէքներուն վրայ։

Հայկական վարգածի ներշնչման միակ աղբիւրը հայութեան ազգային շահերն ու անկատար իղձերու լիագործման առաքելութիւնն է։ Ռուսական, Ամերիկեան, Արեւմտեան թէ օտարածին որեւէ աղբիւր կրնայ մեզի ջրաբաշխել միայն ապականած եւ ճապաղած ջուր։

Այլապէս, կրկին անգամ հարկադրուած պիտի ըլլանք սուղ գին վճարելու՝ ի հաշիւ մեր հայրենական անվտանգութեան, հաւաքական գոյատեւելիութեան եւ ազգային արդարութեան վերահաստատման։ Վճարելի այդ գինը ջինջ կերպով յստակ կը դառնայ երբ նկատի ունենանք այն աղետալի վտանգները, որոնք կը սպառնան նման արկածախնդրական վարգածի մը հետապնդումով։

Առաջին, հայ-իրանական սահմանի հաւանական փակումը մեր երկիրը կը զրկէ այնպիսի կենսական շնչերակէ մը, որ Հայաստանին կը տրամադրէ արտաքին աշխարհին հետ կապուելու ապահով ճանապարհ։ Շնչերակ բառը ճիշդ է հոս։ Այն օրերուն երբ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան որոշ պաշտօնատարներ Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման համար կ՚առաջադրէին հողի փոխանակման լուծումը, այսինքն Ղարաբաղի դիմաց Հայաստան-Իրան սահմանի վրայ հողաշերտի մը յանձնումը Ատրպէյճանին, Քոնկրէսի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի անձնակազմի վարիչ Մայք Վէն Տուզըն ուշ երեկոյ մը հեռաձայնեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակը՝ խնդրելով որ անմիջապէս հետը տեսակցիմ կարեւոր հարցի մը համար։ Հանդիպման ընթացքին ան յստակ կերպով ըսաւ, «Յանձնաժողովի նախագահ Լի Հէմիլթըն ձեզի կը թելադրէ, որպէսզի որեւէ ձեւով չվտանգէք Իրանի հետ Հայաստանի սահմանը, որովհետեւ այդ սահմանը Հայաստանի միակ շնչերակն է արտաքին աշխարհին հետ յարաբերելու համար։» Այդ թելադրանքը մինչեւ այսօր կը մնայ ի զորու, անկախ անկէ թէ Սպիտակ Տան անվտանգութեան պատասխանատուն ինչ կը թելադրէ այսօր։

Երկրորդ, ազատագրուած հայրենական հողերու զիջումը անձնատուութեան համազօր քայլ է, որ կը սպառնայ թէ՚ Արցախի գոյութեան եւ թէ Հայաստանի անվտանգութեան։ Արցախը Հայաստանի ապահովական դարպասն է։ Երբ վտանգուած է Արցախի գոյութիւնը, կը վտանգուի նաեւ Հայաստանը։

Երրորդ, Հայաստան-Թուրքիա ներկայ սահմանագիծը անվաւեր է եւ իրաւական ճանաչումէ զուրկ է Դեկտեմբեր 3, 1920էն ի վեր։ Երկու երկիրներու սահմանագծումի միակ վաւերական հիմքը ճշդուած է Ուիլսոնեան իրաւարար վճիռին վրայ, որ ցարդ կը մնայ գործադրելի։ Հետեւաբար, սահմաններ բանալու պատրուակով Հայաստանի կողմէ ներկայ սահմանագծի ընդունումը եւ վաւերականացումը վերջնականապէս, քաղաքականապէս եւ իրաւականօրէն կ՚անէացնէ Ցեղասպանութեան համար հատուցումի թրքական պարտաւորութիւնը։ Այս ծիրէն ներս, հարկ կայ շեշտելու թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանաչումի կամ կանխարգիլման խնդիր չէ, այլ՝ հատուցման։

Բաց սահմաններու փակման եւ փակ սահմաններու բացման վարգածին առջեւ բացուող որագայթները պարզապէս անոր զուգորդուող բնական հետեւանքներն են։ Առ այդ, պէտք է վստահիլ որ հայրենի իշխանութիւնները եւ մանաւանդ մեր ժողովուրդը չեն իյնար նման արկածախնդրութեան մը լարած թակարդներուն մէջ։

Լոս Անճելըս
Նոյեմբեր 1, 2018

ՀՄԸՄի Հարիւրամեակի Շքեղ Հանդիսութիւն Կլենտէյլի Մէջ

$
0
0

Կիրակի, 28 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5ին, Կլենտէյլ «Հայ սքուլ»ի հանդիսասրահին մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ մէջ, ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու եզրափակիչ հանդիսութիւնը:

Ներկայ էին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, նահանգային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարճըր, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան եւ քաղաքա-պետական խորհուրդի անդամներ Փօլա Տիվայն եւ Վարդան Ղարպետեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Վիգէն Եագուպեան եւ Յակոբ Խաչերեան (օրուան բանախօս), ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Դաւթեան եւ Օշին Փիրումեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Կարօ Իսպէնճեան եւ Ռազմիկ Շիրինեան, Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահներ եւ Տիպար ՀՄԸՄականներ, ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ մեծ թիւով ՀՄԸՄականներ եւ համակիրներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄի փողերախումբին եւ գլխաւորութեամբ Շրջանային խմբապետուհի Շարլին Գէօզալեանի: Սրահ մուտք գործեցին նաեւ դրօշները այն բոլոր երկիրներուն, ուր կը գործէ ՀՄԸՄը՝ իր մօտաւորապէս 40 մասնաճիւղերով: Փողերախումբը կատարեց Մ. Նահանգներու, Հայաստանի, ՀՄԸՄի եւ հարիւրամեակի քայլերգները, սկաուտական պատիւներով: Օրուան հանդիսավարը՝ ՀՄԸՄի երիտասարդական բաժանմունքէն Սօսի (Պեքարեան) Սեթի, իր բացման խօսքին մէջ նախ ողջունեց ներկաները, ապա ընդգծեց ՀՄԸՄի բազմաշերտ դերը աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան առողջ դաստիարակութեան մէջ, ապա հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը՝ իր սրտի խօսքը արտասանելու:

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նախ ողջունեց ու գնահատեց ՀՄԸՄի աշխատանքը, որ ամբողջ 100 տարի կանգ չէ առած: Այդ աշխատանքը, ըսաւ ան, կանգ չառաւ Շաւարշ Քրիսեանի նահատակութեամբ, այլ՝ շարունակուեցաւ, ընդարձակուեցաւ եւ նոր մակարդակներ նուաճեց: Ան նշեց, թէ ՀՄԸՄի ծնունդը կարիքի մը արդիւնքն էր, ու այդ մէկը ցուցանիշն էր Ցեղասպանութենէն ետք մեր ժողովուրդի վերականգնումի կամքին:

Այս հարիւրամեակը հանդիսացաւ պատուաբեր դարաշրջան մը եւ նոյն ոգիով կը թեւակոխենք նոր հարիւրամեակը, եզրափակեց սրբազան հայրը եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցեց ՀՄԸՄին համար:

Ապա Քեթրին Պարճըր, բեմ բարձրանալով՝ շնորհաւորեց ՀՄԸՄը ու դրուատեց երիտասարդութեան դաստիարակութեան մէջ անոր մեծ դերը, յատկապէս հայաշատ Լոս Անճելըս գաւառին մէջ: Պարճըր ապա պաշտօնական գնահատագիր մը յանձնեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսելեանին:

Սրահին մէջ ապա ստեղծուեցաւ իւրայատուկ «մարզական» մթնոլորտ մը, երբ մուտք գործեցին դեռատի մարմնամարզիկներ եւ սկաուտներ, որոնք բեմին վրայ ցուցադրեցին իրենց մարզական ճկունութիւնները՝ ընկերակցութեամբ պատանի մարզիկներու գնդակներու կշռոյթին:

Շրջանային վարչութեան խօսքը անգլերէնով փոխանցեց Արմանտ Քիլիճեան: Ան անդրադարձաւ ՀՄԸՄի սկզբունքներուն՝ հայ երիտասարդները դաստիարակել ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս, որպէսզի դառնան յանձնառու հայեր եւ այսօր, այս միութիւնը ամբողջ հայկական աշխարհին մէջ տարածուած է: «Մենք կը տօնախմբենք հարիւրամեակը աշխարհի չորս կողմը գործող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ եւ ասիկա մեծ պատիւ է», ըսաւ ան:

Ապա ան անդրադարձաւ ՀՄԸՄի իրագործումներուն, ներառեալ Արեւմտեան շրջանին մէջ, նշեց նորագոյն նախաձեռնութիւնը՝ «Հրաշք»ը եւ աւելցուց, թէ այս բոլորը մէկ օրուան մէջ չ՛իրականացան, այլ՝ ամբողջ սերունդներու հետեւողական ու անհաշիւ զոհողութիւններով: Այս բոլորին մղիչ ուժը հանդիսացաւ միութեան նշանաբանը՝ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»ը, որ իւրայատուկ մեծ ընտանիքի մը վերածած է մեր միութիւնը: Եզրափակելով, Արմանտ Քիլիճեան անգամ մը եւս ողջունեց ներկաները հարիւրամեակի այս ձեռնարկին առիթով:

Շրջանային վարչութեան խօսքին յաջորդեց «Արտակարգ պատուանշան»ի տուչութիւնը: Բեմ հրաւիրուեցաւ տասնամեակներով ՀՄԸՄի սկաուտական շարժման մէջ մեծ դեր ունեցած Վարուժ Միրզայեանը: Ան իր սկաուտական տարազով բարձրացաւ բեմ եւ սրահի գնահատական ծափահարութիւններուն տակ, ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան անդամներ Վիգէն Դաւթեանի եւ Օշին Փիրումեանի կողմէ ստացաւ «Արտակարգ պատուանշան»ը՝ իբրեւ գնահատանք իր ՀՄԸՄականի վաստակին:

Յաջորդեց սահիկներով ՀՄԸՄի պատմութեան ներկայացումը: Խումբ մը արի-արենուշներ, հայերէնով եւ անգլերէնով, փոխն ի փոխ, ներկայացուցին ՀՄԸՄի անցեալի իրագործումները, հասնելով մինչեւ քանի մը ամիս առաջ համա-ՀՄԸՄական ընդհանուր բանակումը, կայացած՝ Հայաստանի մէջ:

Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան, որ մանկութենէն ի վեր ՀՄԸՄական, սկաուտ, մարզիկ եւ վարչական եղած է:

Ան իր խօսքը սկսաւ մանկութեան յուշերէն, երբ առաջին անգամ գայլիկի տարազով մուտք գործած էր ՀՄԸՄի ակումբը, Հալէպի մէջ:

http://www.aztagdaily.com/archives/414477

Օրուան բանախօսին ելոյթէն վերջ, Շրջանային վարչութիւնը «Ծառայութեան» շքանշանով մեծարեց խումբ մը վաստակաշատ ՀՄԸՄականներ՝ Մարօ Քէշիշեանը, Վաչիկ Սարգիսեանը, Արա Քերքեզեանը, Սարգիս Թաթիկեանը, Արմիկ Աբրահամեանը, Պաղտիկ Օհանեանը, Ստեփան Պաշպուտարեանը, Արթ Խաչատուրեանը, Թովմաս Թոքմաճեանը, Սարօ Ղազարեանը, Ճէք Գասամանեանը, Անահիտ Գասպարեանը, եւ Ալին Աղբաբեանը: Անոնք բոլորը բեմ բարձրացան եւ մէկ առ մէկ պատուուեցան «Ծառայութեան» շքանշանով, Շրջանային վարչութեան անդամներուն կողմէ, ապա հաւաքաբար խմբովին լուսանկարուեցան, իբրեւ մէկ ընտանիքի անդամներ:

Հանդիսութեան ընթացքին, նաեւ մէկ առ մէկ ոգեկոչուեցան անցնող տարուան ընթացքին Արեւմտեան շրջանէն՝ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄականները, յարգանքի եւ յուզումի մթնոլորտ մը ստեղծելով սրահին մէջ: Անոնք էին՝ Ճորճ Ժամկոչեան, Վարդգէս Մեսրոպեան, Աւետիս Ժամկոչեան, Ռոպերթ Սարգիս, Ժորժ Ահարոնեան, Սերժիկ Իսաղուլեան եւ Գէորգ Խամիսեան:

Աւարտին, ազգային հայրենասիրական փունջ մը երգերով ելոյթ ունեցաւ Քրիստափոր Արապեան, իսկ հանդիսութիւնը փակուեցաւ Վարանդ Աւանէսեանի կողմէ 100ամեակի քայլերգի կատարումով (խօսք՝ Ներսեհ Լիպարեանի, երաժշտութիւն՝ Վահրամ Էմմիյեանի):

Սակայն ո՛չ, հանդիսութիւնը «աւարտ» մը չէր, այլ պարզապէս՝ ցտեսութիւն ըսելու առիթ մը, երբ պաստառին վրայ երեւացին ՀՄԸՄին գրեթէ «տարեկից» երեք վաստակաշատ, բայց… միշտ առոյգ ՀՄԸՄականներ՝ աքելլա Յակոբ Կարապետեան, Ժիրայր եւ Խաժակ Սարգիսեան, որոնք միասնաբար երգեցին սկաուտական բանակումներու ողջերթի յուզիչ երգը՝ «Ցտեսութիւն կ՛ըսենք եղբայր, միայն ցտեսութիւն, դարձեալ իրար կը հանդիպինք»:

Նամականի

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՄԵԼԷՔԵԱՆ

Յարգելի՛ «Ազդակ»-ի խմբագրութիւն,

Սոյն նամակով կ՛ուզեմ անդրադառնալ գաղութին մէջ հիւանդութեան պէս տարածուող երեւոյթի մը, որ օրին զաւեշտի ձեւով կը դիտուէր թէ՛ ղեկավարութեան եւ թէ՛ հաւաքականութեան կողմէ, սակայն տարիներու ընթացքին նոյն երեւոյթին անտեսումը պատճառ դարձաւ, որ անիկա վերածուի վարակիչ հիւանդութեան եւ դառնայ անբուժելի:

Մեր հաւաքականութեան մէջ օրէ օր կը շատնայ սուտը, խեղաթիւրուածը, իրականութեան հետ երբեք կապ չունեցողը տարածող մարդու տեսակը, որ կարծես սկսած է գաղութի աշխատանքներուն մէջ իր մասնակցութիւնը տեսնել միայն այդ դիտարկութեան մէջ: Չեմ խօսիր ընկերային ցանցերու վրայ  տարածուած անպարկեշտ, կեղծ եւ սուտ գրութիւններու մասին միայն, ոչ ալ կ՛անդրադառնամ այն անմակարդակ արտայայտութիւններուն, որոնք լեցուցած են ընկերային ցանցերը եւ ժողովուրդը ակամայ առած են իրենց խաբուսիկ ազդեցութեան տակ: Իմ խօսքս կ՛երթայ անհատներու, որոնք գաղութին մէջ անցեալի ու նաեւ զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու մէջ հիմնական դերակատար են եւ իրաւունք կու տան իրենք իրենց, սուտի եւ «ըսի-ըսաւ»-ներու վրայ հիմնուած, ժողովուրդին մէջ խեղաթիւրուած կարծիքներ տարածելու եւ յետոյ «ժողովուրդէն լսեցի» արտայայտութեամբ պատրուակելով` իրենց քարոզչութիւնը կատարել, երբ արեւի նման յստակ է, որ իրենց միտումը պարզապէս հաւաքաբար տրուած որոշում մը կամ կացութեան մը գնահատումը իրենց ճաշակին չի համապատասխաներ, եւ երբեք չեն կրնար պատկերացնել, որ իրենցմէ զատ այլ մարդիկ կրնան նաեւ պատասխանատու կամ ղեկավարի պաշտօնին վրայ գտնուիլ: Այս տեսակը մեր հաւաքականութեան մէջ յաճախ չի կրնար զանազանել կիրքը` առողջ քննադատութենէն եւ անգիտակցաբար կը դառնայ մնայուն կերպով հաւաքականութեան մէջ իր բարդոյթին գերին եւ միջոց չի խնայեր ղեկավարութիւնը վիրաւորելու եւ անոր հեղինակութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելու:

Արդօք այսպիսի կացութիւններ ստեղծողները ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդեն: Այդ խօսողներէն շատերը, որոնք կը տարածեն այսպիսի անհիմն գնահատումներ, իրենց ծառայութեան եւ պարտականութեան վրայ գտնուած միջոցին նոյն ձեւով ղեկավարած են այդ գործը: Կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու մէջ մարդիկ պաշտօնը իբրեւ ծառայութիւն է, որ կը կատարեն: Իսկ եթէ այդ ծառայութեան մէջ չըլլան, արդեօք ճի՞շդ է ամէն ինչ սեւ ու վատ ներկայացնելը: Քննադատելը եւ սխալները թուելը կարեւոր են եւ շինիչ, սակայն միտումնաւոր ձեւով իրագործումները անտեսելն ու փոքրացնելը եւ կատարուածը զերոյի վերածելը, կը խորհիմ, ո՛չ ազնիւ, ո՛չ ալ շինիչ մօտեցում է: Մեր հաւաքականութեան մէջ այսպիսի մարդիկ կը խուսափին պատասխանատուութիւններ ստանձնելէ, որովհետեւ ամէն ինչ քննադատելը եւ ուրիշին կատարածը նսեմացնելը շատ աւելի դիւրին միջոց կը կարծեն եւ այդ ձեւով իրենք զիրենք կ՛արժեւորեն: Ոչ մէկ ատեն հայելիին նայելու փորձ կը կատարեն, որովհետեւ իրենք իրենց անձով շատ ոգեւորուած եւ գինովցած են:

Չէի անդրադառնար այս ախտավարակ երեւոյթին, եթէ այդ անհատները տեղ մը տեսնելով իրենց կատարած զրպարտութիւններուն բացայայտումը եւ սուտի յայտնաբերումը` զգաստանային, եւ կամ` այս տեսակի մթնոլորտ ստեղծողներուն ղեկավարութեան կողմէ տրուէր ճիշդ գնահատական: Երբեմն այս տեսակի մարդիկ չարաչար կ՛օգտագործեն իրենց անձին հանդէպ ցուցաբերուած բարեացակամութիւնը եւ անվայել արտայայտութիւններուն մէջ կ՛անցնին մարդկային ընդունուած սահմանները: Անոնք յաճախ ուշադրութիւնը իրենց անհիմն զրպարտութիւններուն վրայ կեդրոնացնելու համար կը փորձեն դառնալ նաեւ երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան ներկայացուցիչ եւ այդ ճամբով կը փորձեն յաւելեալ կեղծ ժողովրդականութիւն ապահովել: Կը կարծեմ, որ ժողովուրդը այսօր ունի գիտակցութեան անհրաժեշտ ըմբռնում եւ կրնայ այսպիսի հիւանդութեամբ վարակուած անհատներու հասկցնել, որ իրենց մօտեցումը անպարկեշտ է եւ իրաւունք չունին այս ձեւով վնասելու գաղութին:

Այս հիւանդագին երեւոյթը պէտք չէ գոյութիւն ունենայ, որովհետեւ անիկա ազգային կեանքին մէջ ընդհանրապէս թափ ու կորով կտրող վարքագիծ է եւ հիմնականը մեր նպատակներէն ու գործունէութիւններէն մեզ սխալ ճամբու մէջ դնելու փորձ: Արդեօ՞ք այս մարդոց ուզածն ու երազածն ալ այդ է:

Ոչ ոք կրնայ մերժել եւ ըսել, որ մեր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն մէջ սխալներ չեն պատահիր եւ դժուարութիւններու չենք հանդիպիր, սակայն արդեօ՞ք լուծման ձեւը այս է: Կարծիք եւ տեսակէտ արտայայտելու ազատութեան կաշկանդում չէ իմ ըսածս, այլ` առողջ քննադատութիւնը եւ շինիչ մտահոգութիւնները իրենց ճիշդ տեղը արտայայտելու ու հասցէն յստակ դարձնելու կարեւոր մօտեցում: Մնացեալը աղմուկ եւ աժան մթնոլորտ ստեղծելու ճիգ է, որ հաճելի չէ եւ անընդունելի է:

Կը յուսամ եւ կ՛ակնկալեմ, որ ուշ կամ կանուխ կարելի պիտի ըլլայ այս հիւանդագին երեւոյթին դարման մը գտնել, եւ այնտեղ վատնուող ճիգը, որ ժխտական մթնոլորտի ստեղծման կը ծառայէ, օգտագործել իսկական աշխատանքի մէջ, որմէ պիտի օգտուի գաղութը եւ մեր ամբողջ հաւաքականութիւնը: Այս ձեւով է, որ կրնանք դժուարութիւնները յաղթահարել եւ յառաջդիմութիւն արձանագրել:

 

 

 

 

Քարկոծուած, Բայց Վերակենդանացած

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներուն մէջ 2016-ի նախագահական ընտրութիւններուն Տանըլտ Թրամփի յաղթանակէն ետք, ան իր աջակողմեան ամբոխավարութեան վրայ հիմնուած նախագահական քարոզարշաւէն ետք ոգեւորեց նաեւ աշխարհի չորս անկիւնները գտնուող ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւնները:

Իր (Թրամփի) նախագահ ընտրուելէն ետք, Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելցան ցեղային հիման վրայ կատարուած ոճիրները, ցեղի, կրօնի կամ գոյնի հիմքի վրայ հրահրուած ատելութիւնները:

Նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ժամանակաշրջանին, Թրամփի հնչեցուցած խօսքերը հիմնուած էին հասարակութեան մէջ բաժանումներու սերմանումին վրայ: Նաեւ, Թրամփը իր նախագահական քարոզարշաւին ընթացքին աջակցութիւն ստացաւ ծայրայեղ աջ նոր նացիական կազմակերպութիւններէն, ինչպէս` «Քու-Քլուքս-Քլան»-ի եւ Ամերիկեան նացիական կուսակցութեան պատասխանատուներու կողմէ:

Թրամփը, այս մեծահարուստ առեւտրականը, ծանօթ է իր` հաշմանդամները ատող, սեռային հիմքի վրայ խտրականութիւն սերմանող եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ատելութիւն ստեղծող մեկնաբանութիւններով: Մեկնաբանութիւններ, որոնք հետզհետէ ցեղի, գոյնի, սեռի եւ կրօնի հիման վրայ ատելութիւնները արմատականացուցին ամերիկեան հասարակութեան մէջ եւ պատճառ դարձան, որ Շարլըթսվիլի մէջ (Վիրճինիա նահանգ) 11 օգոստոս 2017-ին «Քու-Քլուքս-Քլան»-ը ցոյց կազմակերպէ եւ պատճառ դառնայ երեք հոգիի մահուան:

Իբրեւ հակադարձութիւն թրամփեան աջակողմեան ամբոխավարութեան եւ իր` ցեղի, գոյնի կամ սեռի հիման վրայ խտրականութեան ու կլիմայական փոփոխութեան գիտական փաստի ժխտման քաղաքականութիւններուն, մէջտեղ եկան #MeToo շարժումը (ընդդէմ սեռային բռնութեան), «Քայլ յանուն գիտութեան» շարժումը (ընդդէմ կլիմայական փոփոխութեան փաստի ժխտումին), եւ 2013-ին հիմնուած «Սեւամորթներու կեանքը նշանակութիւն ունի» (գոյնի վրայ հիմնուած խտրութեան դէմ պայքարի) շարժումը սկսաւ աւելի աշխուժանալ:

Թրամփեան աջակողմեան ամբոխավարութիւնը պատճառ դարձաւ բեւեռացման մթնոլորտի ստեղծման` ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ Եւրոպայի մէջ ալ: Գրեթէ բոլոր եւրոպական երկիրներուն մէջ ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւնները աւելի զօրացան: Արդէն Իտալիոյ մէջ անոնք իշխանութեան գլուխ անցած են, իսկ Դանիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ կառավարական դաշինքին մաս կը կազմեն:

Ամերիկայի մէջ արմատականացման կլիման նոյնպէս ազդեց ձախին վրայ: Բոլորս ալ կը յիշենք 2016-ի` Դեմոկրատական կուսակցութեան նախնական ընտրութիւններուն ընթացքին Պըռնի Սանտըրզի` ձրի ուսումի, շուկայի ու դրամատուներու հսկողութեան զօրացման եւ աշխատավարձերու բարձրացման խոստումները: Պըռնի Սանտըրզը յաջողեցաւ այն գործին մէջ, որուն մէջ ձախողեցաւ Դեմոկրատական կուսակցութեան էսթեպլիշմընթը` գլխաւորաբար Հիլըրի Քլինթընը` աշխատաւոր դասակարգի եւ զրկուածներու ու լուսանցքայնացածներու ձայները (սեւամորթեր, գաղթականներ, կրօնական ու սեռային փոքրամասնութիւններ) ձեռք ձգելու:

Սանտըրզը Դեմոկրատական կուսակցութեան թէ ձախակողմեան ու յառաջդիմական շրջանակներուն մէջ ստեղծեց խանդավառութիւն մը` յոյս ունենալով, որ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը կը մղուի դէպի ձախ: #FeelTheBern-ը արդէն ձախդարձ մըն էր, որ տարածուեցաւ ու կը շարունակէ տարածուիլ` ազդուելով եւրոպական ցամաքամասին վրայ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններուն մէջ տեղի ունեցած ձախդարձէն:

Դեմոկրատական կուսակցութեան մէջ ձախդարձը շարունակուեցաւ նաեւ 2016-ի Սանտըրզի քարոզարշաւէն ետք: 6 նոյեմբեր 2018-ին տեղի ունենալիք կիսամեայ ընտրութիւններուն ընթացքին, ժողովրդավար-ընկերվարական թեկնածուները սկսան յաղթել նախնական ընտրութիւններուն` ընդդէմ դեմոկրատներու էսթեպլիշմընթի թեկնածուներուն:

Թրամփեան նախագահութեան երկու տարիները արդէն պսակուած են գլխաւոր ձախողութիւններով, ինչպէս` ցեղապաշտութեան աճ, բռնաբարութեան յանցանքով ամբաստանուած Քավանոկի նշանակում իբրեւ գերագոյն ատեանի անդամ, «Օպամաքեր»-ի (առողջապահական ընկերութիւններէ առողջապահութիւն չունեցող անհատներու` առողջութեան ապահովում պետութեան կողմէ) ջնջում եւ Իրանի հիւլէական համաձայնագիրի խզում:

Եթէ 2018-ի կիսամեայ ընտրութիւններուն դեմոկրատականները` հիմնուելով ժողովրդավար-ընկերվարութեան կամ ձախդարձին վրայ մեծ յաղթանակ արձանագրեն, անոնք յաջողած կ՛ըլլան պսակելով Ֆրանքլին Ռուզվելթի «նոր համաձայնութիւն»-ը, որ հիմնուած է աշխատավարձերու բարձրացման, աշխատաւորներու միութենականացման եւ պետութեան հսկողութեան ու ներդրման` 1960-ականներու ընկերային շարժումներուն վրայ (լուսանցքայնացուածներ, ինչպէս գաղթականներ, սեւամորթեր, կիներ եւ կրօնական ու սեռային փոքրամասնութիւններ): Անոնք (դեմոկրատականները) յաջողած պիտի ըլլան ապտակ տալու թրամփեան աջակողմեան ամբոխավարութեան, որ իր հերթին կը կերակրէ ծայրայեղութիւնը` աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ:

Ընկերվարութիւնը, Ամերիկայի մէջ տարիներ շարունակ քարկոծուած ըլլալով, այսօր վերանորոգեց ինքզինք` օգտուելով բեւեռացման առիթէն եւ դարձաւ գլխաւոր ուժ: Թրամփի նշած «ջղային ձախակողմեան ամբոխ»-ն է, որ վերջ պիտի տայ ընկերային եւ տնտեսական անարդարութեան: Ընկերվարական կուսակցութիւններուն համար Միացեալ Նահանգներու  եւ աշխարհի մէջ ձախդարձը առիթ մըն է վերադառնալու արմատներուն:

 


Դաշնակցութիւնը Հաւատարիմ Է Իր Սկզբունքներին Եւ Իր Ժողովրդին

$
0
0
Հայաստանի Աժ ՀՅԴ Խմբակցութեան Պատգամաւոր Սուրէն Մանուկեանի Ելոյթը Ազգային Ժողովի Յատուկ Նիստին

Վերջին ժամանակներում որոշ քաղաքական գործիչների մօտ անհասկանալիօրէն աշխուժացել է հակադաշնակցական ջղագարութիւնը: Թէեւ օրեր կը պահանջուի ամբողջութեամբ եւ լիարժէք ներկայացնելու համար Դաշնակցութեան դերը` ազգային գաղափարախօսութեան եւ հայապահպանութեան գործում, սակայն հարկ եմ համարում եւս մէկ անգամ հակիրճ ներկայացնել նորանկախ Հայաստանի ծննդեան, նրա հետագայ առաջընթացի, զարգացման գործընթացում Դաշնակցութեան կատարած աշխատանքների մասին:

– Ինչպէս բոլորս գիտենք, Դաշնակցութիւնն իր ստեղծման առաջին իսկ օրից ականջալուր է հայ ժողովրդի պահանջներին ու ազգային ձգտումներին, միշտ ներկայացրել եւ շարունակում է ներկայացնել հայութեան հաւաքական տեսակէտը աշխարհի բոլոր մակարդակներում, որի վառ օրինակներից է Հայ դատի յանձնախմբի ձեւաւորումը,

– Աշխարհի շուրջ 50 երկրներում 1909 թուականից առայսօր գործում է Հայ օգնութեան միութիւնը:

– Անուրանալի է Դաշնակցութեան մեծ դերն արցախեան գոյամարտի յաղթանակներում, որի համար իրենց կեանքն են զոհել նաեւ բազմաթիւ դաշնակցականներ:

– Յիշենք նաեւ Արցախի համար մարտնչող ազատամարտիկների բուժման եւ օգնութեան ուղղութեամբ կազմակերպուած Դաշնակցութեան լայնածաւալ աշխատանքները:

– Դաշնակցութիւնը աշխարհի մի քանի տասնեակ երկրներում ունի կառոյցներ, որոնք անհերքելիօրէն աւելի ուժեղ են եւ աւելի մեծ գործեր են կատարել ու շարունակում են կատարել յօգուտ մեր հայրենիքի, քան` այդ երկրներում գոյութիւն ունեցող Հայաստանի դեսպանատները եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը: Անհերքելի է նաեւ այն հանգամանքը, որ Դաշնակցութեան նուիրեալներն այդ ամէնը կատարում են առանց վարձատրութեան, ասեմ աւելին` բազմաթիւ են դէպքերը, երբ իրենց վերջին լուման եւ անգամ կեանքն են ներդրել յանուն հայրենիքի բարօրութեան:

– Դաշնակցութիւնը մշտապէս հաւատարիմ է մնացել իր գաղափարներին ու սկզբունքներին, եղել է պետութեան, պետականութեան կողքին,  անհրաժեշտութեան դէպքում համագործակցել է նաեւ տուեալ ժամանակահատուածում գործող իշխանութիւնների հետ` յօգուտ պետութեան եւ ազգային շահերի, հարկ եղած դէպքերում նաեւ ընդվզել է` դարձեալ յօգուտ պետութեան եւ ազգային շահերի…

Ինչպէս բոլոր կուսակցութիւններում, այնպէս էլ Դաշնակցութիւնում եղել են եւ կան անհատներ, ովքեր երբեմն սխալւում են, սակայն այդ հանգամանքը ոեւէ մէկին իրաւունք չի վերապահում բացասական արտայայտուել տասնեակ տարիների անբասիր պատմութիւն ունեցող կառոյցի մասին:

Անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, ով այս պահին վայելում է հայ ժողովրդի բարձր վստահութիւնը, ո՛չ նախկինում, երբ Ազգային ժողովի պատգամաւոր էր, եւ ո՛չ էլ այժմ Դաշնակցութեան մասին բացասական չի արտայայտուել, որովհետեւ նա գնահատում է Դաշնակցութեան անցած պատմական ուղին եւ կարեւորում է վերջինիս դերն ու նշանակութիւնը:

Միշտ յիշենք, որ Դաշնակցութիւնը մնում է հաւատարիմ իր սկզբունքներին եւ իր ժողովրդին:

Շնորհակալութի՛ւն…

1 նոյեմբեր 2018թ.

Սահմանադրական Գործընթացի Իրական Նորմերը

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հայաստանի Սահմանադրութիւնը ձեւաւորուած է Արեւմտեան ժողովրդավարական կարգերու էական սկզբունքներով: Ան կը ձգտի քաղաքական հակամարտ ուժերու խաղաղ հաւասարակշռութեան: Ան չի ջնջեր տարբերութիւնները: Չի խեղդեր հակադրութիւնները: Հակառակ յաճախ յեղյեղուած եւ ոչ-գիտակ կարծիքներու, ան նաեւ, ինքնըստինքեան, չի ներկայացներ ազգային ընդհանուր համաձայնութիւնը: Ան օրինակարգուած բեմ կը հայթայթէ հակընդդէմ ուժերուն, որպէսզի այս վերջինները ԿԱՐՈՂԱՆԱՆ դարբնել այդ համաձայնութիւնը ամէնօրեայ փոխներգործութեամբ:

Յիշեալ փոխներգործութեան անունը, սիրելի՛ գործընկերներ, ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ է: Եւ բանակցութիւնը կ՛ենթադրէ երկուստեք յստակացնել առաջադրութիւնները, հաստատել ընդհանուր թիրախները, կողմերու առաջնահերթութիւնները, կարելիներն ու անկարելիները, բիւրեղացնել բանակցութեան աշխատանքային գօտին եւ գործել փոխզիջումային մտայնութեամբ:

Բոլոր փաստերը ցոյց կու տան, որ պրն. վարչապետին կողմէ նշանակուած բանակցողները չեն կրցած բանակցիլ: Անոնք խօսած են վերջնագիրի լեզուով: Անոնք մերժած են նոյնիսկ նկատի առնել Դաշնակցութեան առաջարկները: Անոնք առհասարակ չեն գիտցած, թէ որո՞ւ հետ կը բանակցին: Կամ չեն ուզած բանակցային գործընթացի այդ բանալի պայմանը իւրացնել եւ կիրարկել:

Պէտք է ենթադրել, որ պրն. վարչապետին կողմէ բանակցողները գործած են այն դիրքերէն, որ այս բանակցային գործընթացը ընդամէնը իրենց կողմէ ստեղծուած սնոտի բեմադրութիւն է: Գործած են այն թիւր համոզմամբ, որ իրենք մեծամասնութիւն են, այս կէտին վրայ, Ազգային ժողովին մէջ առանց պահ մը իսկ անդրադառնալու, որ իրենք փոքրամասնութիւն մըն են եւ հանգուցալուծման հասնելու իրենց միակ ճամբան լուրջ ու շրջահայեաց բանակցութիւնն է:

Ըսած եմ ասկէ առաջ եւ կը կրկնեմ: Փողոցի գործողութիւնը գտած է վերջ: Հիմա այլեւս ժամանակն է, որ գործէ քաղաքական դատողութիւնը: ԲՈԼՈՐ ԿՈՂՄԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ: Քաղաքացիական անհնազանդութեան զէնքը, այս կէտին վրայ, սպառած է ինքզինք: Այս կէտէն անդին, այդ զէնքը ուղղուած է մեր ազգային գերագոյն շահերուն դէմ եւ, առաջին հերթին, ժողովրդային շարժման դէմ: Պրն. վարչապետը ունի միայն մէկ շինիչ եւ ազգանպաստ ճանապարհ: Բանակցութիւններու ճանապա՛րհը: Եւ այդ ճամբուն վրայ մաքսիմալիստ լուծումներ չեն կրնար ըլլալ: Եւ բոլոր անոնց, որոնք կը շարունակեն ամէն քայլափոխի այպանել Դաշնակցութիւնը քաղաքական բեմի ձախաւերութիւններուն համար, կ՛ուզեմ անկեղծօրէն յիշեցնել, որ Դաշնակցութիւնը չէ թշնամին: Դաշնակցութիւնը հայոց հայրենիքին անկեղծ զինուորն է:

29 հոկտեմբեր 2018
Ուաշինկթըն

Ո՛չ, Սիրելի՛ Լիբանան

$
0
0

ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
Լիբ. կանանց մարմնի անդամ

Նախորդ շաբաթներուն շրջան ընող լուրերուն համաձայն, երեսուն նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան մէջ հայերու չափաբաժինի խախտում մը խնդրոյ առարկայ էր: Արդարեւ, կը նշուէր, որ հայերուն պիտի վերապահուէր մէկ նախարարական աթոռ, երկուքի փոխարէն, ինչպէս որ եղած էր միշտ, ըստ Թաէֆի համաձայնութեան: Երկրորդ աթոռը փոքրամասնութիւններուն տրամադրելու մասին կը խօսուէր:

Ողջունելի է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին կողմէ այս առնչութեամբ տարուած աշխատանքը` հայութեան իրաւունքներու արդար պաշտպանութեան եւ կառավարութեան մէջ անոր ճշգրիտ ներկայացուցչութեան առումով, ինչպէս նաեւ հայութեան չափաբաժինէն փոքրամասնութիւններուն տալու քայլին մերժումը:

Ո՛չ, սիրելի՛ Լիբանան:

Փոքրամասնութիւններուն նախարարական աթոռ մը տրամադրելը շատ դասական երեւոյթ է, իսկապէս գնահատելի ու քաջալերելի, սակայն անիկա պէտք չէ ըլլայ հայ համայնքի հաշուոյն:

Հայ համայնքը կը կազմեն այն բոլոր լիբանանցիները, որոնք երեսնամեայ պատերազմին պաշտպանեցին Լիբանանի բոլոր շրջանները` պահպանելով լիբանանեան միասնականութիւնն ու ինքնութիւնը: Քաղաքական պատերազմի թէժ ու վատ օրերուն հայերը կը փորձէին պահել հաւասարակշռութիւնը բոլոր լիբանանեան համայնքներուն միջեւ` տարբեր կրօնական դաւանանքներու, միշտ հաշտարարի դերեր ստանձնելով, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը պիտի վտանգէր իրենց էութիւնը եւ կեանքը, միշտ ի մտի ունենալով պահել Լիբանանը մէկ հայրենիք, բոլորին` հայուն, քրիստոնեային, իսլամին եւ ընդհանրապէս բոլորին:

Հայ համայնքը կը կազմեն այն լիբանանցիները, որոնք իրենց «մեծ» փոքրամասնութեամբ կռուեցան` պաշտպանելու լիբանանեան հողերը արտաքին թշնամիներէն եւ մինչեւ այսօր կը ծառայեն լիբանանեան բանակին մէջ իրենց բարձր եւ խիզախ նկարագիրներով:

Հայ համայնքը կը կազմեն այն լիբանանցիները, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած եւ օգնած են լիբանանեան ճարտարարուեստի, վաճառականութեան եւ գիտութեան բարգաւաճման: Հայ արուեստագէտները իրենց բացառիկ յաջողութիւններով եւ արժանավայել կեցուածքներով պատիւ բերած են Լիբանանին եւ հայութեան` աշխարհի չորս ծագերուն: Միշտ պէտք է յիշել, որ այս յաջողած դէմքերը Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած եւ անկէ ճողոպրած հայ մանուկներէն սերած անձերն են, անոնց զաւակները, թոռները կամ ծոռերը, որոնք միասնաբար կերտեցին այսօրուան Լիբանանը, զոր բոլորս միասին կը կոչենք հայրենիք, անշուշտ` միշտ մեր սրտերուն մէջ ունենալով Հայաստանի հեռանկարը:

Ո՛չ, սիրելի՛ Լիբանան, հայրենի՛ք, ուր մենք բոլորս կը գործենք որպէս հարազատ եւ արդար քաղաքացիներ, ինչո՞ւ զրկել այս հայ «մեծ» փոքրամասնութիւնը իր արդար եւ արժանի իրաւունքներէն. չափաբաժինի խախտումը կարմիր գիծ է համայն լիբանանահայութեան համար:

 

Էրտողանի Կապուած Կաշառակերութեան Ուրիշ Հսկայական Գայթակղութիւն Մը. Այս Անգամ` Միացեալ Նահանգներու Մէջ

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Շաբաթ չ՛անցնիր` առանց մեծ գայթակղութեան մը բացայայտման, Ազրպէյճանի կամ Թուրքիոյ մէջ: Վերջին նման գայթակղութիւն մը բացայայտուած է Սթոքհոլմի «Ազատութեան կեդրոն»-ի յօդուածին մէջ, թուրք վտարանդի գրող Ապտուլլա Պոզքուրթի գրած` «Եութայ նահանգի դատական գործը յաւելեալ կեղտ կը մատնանշէ Թուրքիոյ Էրտողանի վրայ» վերնագիրով:

Յօդուածին մէջ ցոյց տրուած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի փտածութեան մէջ թաթխուած ճիւղաւորումները կը հասնին մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, բան մը, որ այս գայթակղութիւնը բացառիկ հետաքրքրութեան առարկայ կը դարձնէ յատուկ խորհրդական Ռոպերթ Միւլըրի համար, կապուած` անոր ռուսական հետապնդումին եւ «միջազգային կազմակերպուած յանցաւորութեան ցանց»-ին, ըստ Պոզքուրթի:

«Եութայ նահանգի դաշնային մեծ դատակազմը վերադարձուցած է 1 օգոստոս 2018-ին կնքուած մեղադրական եզրակացութիւնը` Էրտողանը անուանելով օտարերկրեայ պետութեան առաջնորդ, որ Քալիֆորնիոյ եւ Եութայի մէջ տեսակցած է կասկածելի գործարարներու հետ, ինչ որ հիմք կու տայ պնդելու, որ այդ մէկը մեծագումար դրամներու լուացման եւ հարկերու խարդախութեան պարագայ է», կը հաղորդէ Պոզքուրթ:

24 օգոստոս 2018-ին հրապարակուած մեղադրական եզրակացութիւնը ամբաստանութիւն է այն մասին, որ «Ուաշաքայ Ռընեպէյլ Էներճի» (Տապըլիու. Ար. Ի.) ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ճէյքըպ Օրթել Քինկզթըն եւ ֆինանսական տնօրէն Իսայիա Քինկզթըն, հարկային վարկերու համար կեղծ պահանջ ներկայացնելով, ձեռք բերած են աւելի քան 511 միլիոն տոլար արժողութեամբ վերականգնուող վառելիքի հարկային վարկեր, որոնք նախատեսուած էին Միացեալ Նահանգներու մէջ օգտագործուող եւ արտադրուած վերականգնուող վառելիքի քանակի իբրեւ յաւելում: Քալիֆորնիոյ «ՆՈՅԼ Էներճի Կրուփ»-ի վառելիքային ընկերութեան սեփականատէր Լեւ Ասլան Թերմեն (Լեւոն Թերմենճեան), որ կապեր ունի անդրազգային յանցաւոր ձեռնարկութեան հետ, նոյնպէս կը նկատուի այս մեծ ծրագիրին մէկ գործընկերը: 2010-էն մինչեւ 2016 անոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ փաստաթուղթեր կեղծած եւ ապրանքներ շրջանառութեան մէջ դրած են, ինչպէս նաեւ` արտերկրի մէջ, որպէսզի ցոյց տան, որ իրենք ներգրաւուած են իրական առեւտուրի մէջ` հարկային վարկեր կարենալ ստանալու համար, գրած է Պոզքուրթ:

Մեղադրական եզրակացութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ Ճէյքըպ Օրթել Քինկզթընը ձերբակալուած է  23 օգոստոս 2018-ին, Սոլթ Լէյք Սիթի քաղաքի միջազգային օդակայան տանող ճամբուն վրայ, երբ կը պատրաստուէր մեկնիլ Թուրքիա` զգուշացուած ըլլալէ ետք: Պոզքուրթ կը շարունակէ. «Քինկզթընները արդէն ձեռք բերած էին շքեղ ապարանք մը Թուրքիոյ ծովափնեայ մէկ քաղաքին մէջ, ըստ «Տապըլիու Առ. Ի.» հաշիւէն Թերմենճեանի հաշուոյն`  Թուրքիոյ «Կարանթի» դրամատան կողմէ 5 մարտ 2014-ին կատարուած փոխանցման: Մեղադրական եզրակացութեան մէջ դէպի Թուրքիա շատ աւելի փոխանցումներ թուարկուած էին: Ճէյքըպ Քինկզթընը, որ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ յաճախ կը ճամբորդէր Թուրքիա, նաեւ` Էրտողանի հետ տեսակցելու համար, թրքական օդակայանին մէջ զինք սովորաբար կը դիմաւորէին իբրեւ յոյժ կարեւոր անձնաւորութիւն, անոր կ՛ուղեկցէր ոստիկանութեան պահակախումբ, եւ ան նոյնիսկ իր անձնագիրը չէր օգտագործեր Թուրքիա մտնելու համար` ըստ ամերիկեան մեղադրականին մէջ արձանագրուած վկայի մը ցուցմունքին»:

Ճէյքըպ Քինկզթընը առաջին անգամ Էրտողանին հետ տեսակցած է Նիւ Եորքի մէջ, սեպտեմբեր 2017-ին, երբ Թուրքիոյ նախագահը ժամանած էր Միացեալ Նահանգներ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար: Այս տեսակցութիւնը տեղի ունեցած է «այն բանէն ետք, երբ 2016 փետրուար 10-ին Հետախուզութեան դաշնակցային պիւրոն (FBI) անհրաժեշտ ստուգումներ կատարած է Քինկզթըն խումբի իրերուն մէջ, իսկ վառելիքի հարկին կապուած խարդախութիւնը արդէն բացայայտուած էր Եութայի թերթերու վերնագիրներուն մէջ», ինչպէս կը շեշտէ Պոզքուրթ:

«Նոյեմբերին սկիզբը Ճէյքըպը մեկնած է Թուրքիա` բարձր մակարդակի շարք մը հանդիպումներ ունենալու  համար Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ: Ան վարձած է «Էս. Պի. Քէյ. Հոլտինկ» ընկերութեան նախագահ Սեզկին Պարան Քորքմազը` իբրեւ Թուրքիոյ մէջ կապի գլխաւոր օղակ, այն ժամանակ, երբ Քորքմազը ունէր առանձին ներդրումային եւ գործնական կառավարման ընկերութիւն` Մեկա Վարլըք Եոնեթիմ Ա. Շ., որ Թուրքիոյ մէջ հիմնադրուած էր 450 միլիոն տոլար սեփական դրամագլուխով», գրած է Պոզքուրթ:

«Թերմենճեան նաեւ ունի «Էս. Պի. Քէյ. Հոլտինկզ Եու. Էս. Էյ.» անուամբ ընկերութիւն մը, որ Քորքմազի «Էս. Պի. Քէյ. Հոլտինկ» ընկերութեան քոյր ընկերութիւնն է Թուրքիոյ մէջ: Քորքմազը թրքական մամուլին ըսած է, որ «Տապըլիու Առ. Ի.»-ի հետ իր համագործակցութիւնը յանգեցուցած է 1 միլիառ տոլարի ներդրման եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Էրտողանի` գործարքներուն իր անձնական աջակցութեան համար: Թուրքիոյ կառավարութեան ներդրումային աջակցութեան եւ խթանման գործակալութեան (ISPAT) 9 սեպտեմբեր 2016 թուականի մամլոյ հաղորդագրութեան համաձայն` «Տապըլիու Առ. Ի.»-ն, «Նոյլ Էներճի Կրուփ»-ը եւ «Էս. Պի. Քէյ. Հոլտինկ» ընկերութիւնը զգալի ներդրումներ կատարած են Թուրքիոյ մէջ եւ նախատեսած են աւելին ընել: «Էս. Պի. Քէյ. Հոլտինկ»-ի հետ գործընկերութիւնը սկսած է 2013-ին` «Նոյլ Էներճի»-ի կողմէ անշարժ գոյքի ներդրումներու առաջին խմբաքանակով: Շինարարական եւ անշարժ գոյքի գործարքը ապօրինի ճամբաներով ստացուած եկամուտներու հիմնական աղբիւրն է Էրտողանի միլիառաւոր տոլարներու հասնող վիթխարի հարստութեան համար: Ընդհանուր ներդրումը հասած է 500 միլիոն տոլարի, եւ` եւս կէս միլիոն տոլար, որ յատկացուած է առեւտուրի ընդլայնման հիմնադրամին` Թուրքիոյ մէջ գործունէութեան ծաւալման համար: Եռեակը ներդրումներ կատարած է բոլոր տեսակի ոլորտներու մէջ, այդ շարքին` դեղագործական, ինքնաշարժներու, քիմիական, արհեստագիտական, ապակիի եւ սնունդի», կը հաղորդէ Պոզքուրթ:

«Էրտողանի քաղաքական աջակցութեամբ եւ պաշտպանութեամբ, «Էս. Պի. Քէյ. Հոլտինկ» ընդլայնած է իր գործունէութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ, ինչպէս` ֆինանսներու, ուժանիւթի, անշարժ գոյքի, պաշտպանութեան, հանքարդիւնաբերութեան, արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան, արհեստագիտութեան մէջ եւ` գումակային: Ընկերութիւնը հիմնականին մէջ աշխուժ  գործունէութիւն կը ծաւալէ ելեւմուտքի ոլորտէն ներս` ներդրումային դրամատուներու, գործնական կառավարման եւ հումքի ֆինանսաւորման միջոցով: Այն նաեւ էական շահագրգռուածութիւն ունի ուժանիւթի հատուածին մէջ, որ կը տարածուի ինչպէս Ամերիկայի, այնպէս ալ Ռուսիոյ շուկաներուն մէջ: Էրտողանը բնաւ չէր անհանգստացուցած այն փաստը, որ Թերմենճեանը արդէն ներգրաւուած էր Անվտանգութեան բաժանմունքի կողմէ իրականացուող ծաւալուն հետապնդումի մէջ` դրամի լուացման, հարկերէ խուսափելու եւ գողցուած վառելանիւթի գծով: Էտկար Սարգսեանը, որ ամերիկեան «Էս. Պի. Քէյ. Հոլտինկզ»-ի նախկին նախագահն ու փաստաբանն էր, 14 յուլիս 2017-ին դատարան ներկայացուցած հայցով նշած է, որ ռուս [հայ] Թերմենճեանը յանցաւոր կազմակերպութեան ղեկավարն է: Տեղին է յիշեցնել, որ ան 1993 թուականին ձերբակալուած էր Ամերիկայի մէջ` կազի հարկերու խարդախութեան յանցանքով, մինչ ռուսական մաֆիան անցեալ դարու 80-90-ականներուն աշխուժօրէն  ներգրաւուած էր նման խարդախութեան մէջ: Անոր դէմ մեղադրանք արձանագրուած է նաեւ անցեալին` հարկային կեղծարարութեան եւ զինուած յարձակման համար, իսկ 2013-ին ան ծեծկռտուքի յանցանքով դատապարտուած է», կը հաղորդէ Պոզքուրթ:

Հետաքրքրական է, որ «Քորքմազը կարծես թէ հիմնական այն օղակն է, որ Քինկզթըններն ու  Թերմենճեանը  կը կապէ Էրտողանի մտերիմ Էքիմ Ալփթեքինին հետ, որուն «Ինովօ Պի. Վի.» հոլանտական կեղծ ընկերութիւնը վարձած է նախկին ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայք Ֆլինի «Ֆլինն Ինթել Կրուփ»-ը` զրպարտչութեան քարոզարշաւ ունենալու եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հոգեւորական, մահմետական մտաւորական Ֆեթուլլահ Կիւլենը զրպարտելու համար, որ յայտնի է իբրեւ Էրտողանի վարչակարգի հիմնական քննադատող: Ֆլին վարձած է ԿՀՎ-ի (CIA-ի) նախկին տնօրէն Ճէյմս Վուըլսի, 2016 օգոստոսին, Քալիֆորնիոյ մէջ Քորքմազին եւ Ալփթեքինի միջեւ կատարուած հանդիպման ժամանակ` Կիւլենի դէմ աշխատանքներ տանելու համար: 20 սեպտեմբեր  2016-ին Նիւ Եորքի մէջ Վուըլսի եւ իր կինը տեսակցած են Քորքմազին եւ Ալփթեքինին հետ եւ քննարկած` այդ առաջարկը: 19 սեպտեմբեր 2016-ին Ֆլին տեսակցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Էրտողանի փեսային` Պերաթ Ալպայրաքին հետ, որ նախարար է անոր աշխատակազմին մէջ` քննարկելու համար մէկ այլ առաջարկ` Կիւլենի առեւանգման եւ ամերիկեան հողէն զայն Թուրքիա տեղափոխելու կապուած: Երկու ամիս անց` 8 նոյեմբեր 2016-ին, Ֆլին հրապարակեց վատ գրուած, նուաստացնող խմբագրական Կիւլենի մասին` Տը Հիլ լուրերու կայքէջին վրայ.  շատեր կը կասկածին, որ այդ մէկը գրուած է ոչ թէ Ֆլինի, այլ թուրք գործակալներու կողմէ: Հետագային Ֆլին ընդունեց կեղծ յայտարարութիւններ ըրած ըլլալու փաստը, որոնց շարքին` նաեւ այն, որ թրքական կառավարութեան պաշտօնեաները վերահսկած եւ ղեկավարած են իր աշխատանքը: Ան նաեւ խեղաթիւրած է իր լոպիինկը Էրտողանի կառավարութեան անունով եւ ստած` «Տը Հիլ»-ի մէջ հրապարակուած խմբագրականին մասին», գրած է Պոզքուրթ:

2017-ի մայիսին Միւլըրի խումբին հարցազրոյց տալէն ետք Ալփթեքինը փախած է Թուրքիա եւ խուսափած է դատարան կանչուելէ, երբ հետագային ծանուցագիր ուղարկուած է անոր, ապա քննիչները եզրակացուցած են, որ ան ստած է իրենց: Քորքմազին յանձնարարուած է նաեւ վկայութիւն տալ դաշնակցային  գլխաւոր դատակազմին առջեւ,  Ուաշինկթընի մէջ, 2017 սեպտեմբեր 22-ին, դաշնակցային քրէական օրէնքներու հնարաւոր խախտումներու` ներառեալ «Օտարերկրեայ գործակալներու գրանցման մասին օրէնքի» (FARA) համար: Ան չէ ներկայացած դատարան: «Հաւանաբար, 450 հազար տոլարի գումարը, որ Ալփթեքինին հոլանտական կեղծ ընկերութիւնը վճարած էր Ֆլինի, իրականութեան մէջ փոխանցուած է Քորքմազէն: Եութայի մեղադրական եզրակացութիւնը բացայայտած է, որ Թերմենճեանը 2017 օգոստոսին փախած է Թուրքիա, այն օրը, երբ անոր տան եւ գրասենեակներուն մէջ խուզարկութեան թոյլտուութիւն տրուած էր», յայտնած է Պոզքուրթ:

«Եթէ Թուրքիոյ մէջ դատական անկախ համակարգ ըլլար, ապա այս մասին նախ եւ առաջ պէտք էր հանդէս գար թրքական քրէական արդարադատութեան համակարգը, այն ատեն Էրտողան ստիպուած կ՛ըլլար առնուազն հրաժարելու իր պաշտօնէն, այդ ալ` խայտառակ ձեւով: Ամենայն հաւանականութեամբ, ան եւ անոր աւազակները կը յայտնուէին բանտի մէջ`  թրքական տասնեակ օրէնքներ խախտած ըլլալու յանցանքով: Սակայն այս մէկը այլեւս կարելի չէ, քանի որ կաշառուած թուրք նախագահը խեղաթիւրած է դատական համակարգը, ջնջած` լրատուական միջոցներու անկախութիւնը եւ կասեցուցած` օրէնքի գերակայութիւնը 2013 դեկտեմբերին կայացած հսկայական կաշառքի հետապնդումէն ետք, որով բացայայտուած էր անոր կաշառակերութեան փորձերը, որուն մէջ ներգրաւուած էին նաեւ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ մեծ գործարարներ: Այժմ մենք կը տեսնենք Միացեալ Նահանգներու դատական գործողութիւնները` ընդդէմ Էրտողանի յանցագործութիւններուն, որոնք տարածուած են ընդհուպ մինչեւ Ամերիկա: Այս անգամ ան չ՛ունենար քաղաքական լծակ` դրամական միջոցներով կանխելու կամ կոծկելու համար իրեն առնչուող դատական գործերը: Մինչ այդ Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ անյաջող փորձ մը ըրած էր Հաքան Աթիլլայի դատական գործով, եւ հաւանական է, որ նոյն ճակատագիրը կը սպասէ Էրտողանին, նաեւ Եութայի գործով», եզրափակած է Պոզքուրթը:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Դոկտ. Յակոբ Ա. Եագուպեանին Արտասանած Խօսքը` Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Կազմակերպած` Գերազանց Աշակերտներու Պարգեւատրման Հանդիսութեան Ընթացքին

$
0
0

Նախ թոյլ տուէք, որ սրտանց շնորհաւորեմ ձեզ, պաքալորէայի գերազանց արդիւնքներ եւ հայոց լեզուի բարձրագոյն նիշեր ապահոված ուսանողուհիներ եւ ուսանողներ: Գիտեմ եւ կ՛ընդունիմ, որ այսպիսի փայլուն արդիւնքներու տիրանալը որքա՜ն ժրաջան աշխատանք եւ զոհողութիւն պահանջած է ձեզմէ: Կը մաղթեմ, որ նոյն թափով շարունակէք ձեր կրթաուսումնական ընթացքի յաջորդ փուլերը: Կը շնորհաւորեմ նաեւ ձեր հարազատները, ինչպէս նաեւ` ձեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներն ու տնօրէն-տնօրէնուհիները: Իրապէս ուրախ եւ հպարտ կը զգամ, երբ իւրաքանչիւր տարի խումբ մը ուսանողներ, ուսումնապէս փայլուն արդիւնքներ ձեռք ձգած, կը պարգեւատրուին իրենց նման երիտասարդ, աւելի փորձառու, համալսարանական ուսման փուլի մէջ գտնուող ուսանողներու կողմէ: Երեւոյթը շատ գնահատելի է: Այս առիթով կ՛ուզեմ շնորհաւորել «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը` այսպիսի գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար: Նաեւ շնորհակալութիւն` միութեան վարչութեան, որ հրաւիրեց զիս` ձեզի հետ բաժնեկցելու համար միտքերս:

Թերեւս ձեզմէ ոմանք կը սպասեն, որ այսօր խօսիմ գերազանց արդիւնքներ եւ բարձրագոյն նիշեր ապահովելու դրականութեան մասին, թէ` այսպիսի փայլուն արդիւնքներ ինչպէ՛ս կ՛իմաստաւորուին անհատին, դպրոցին եւ հաւաքականութեան կողմէ, թէ` այդ արժեւորումը ինչպիսի՛ անդրադարձ կրնայ ունենալ անհատի ուսման յաջորդ փուլերուն, թէ` անիկա ի՛նչ կրնայ նշանակել լիբանանահայ դպրոցին համար, գաղութին համար եւ այլն:

Բայց ես պիտի խօսիմ, թէ ինչ չե՛ն նշանակեր պաքալորէայի գերազանց արդիւնքներով յաջողութիւնն ու հայոց լեզուի դասանիւթին մէջ բարձրագոյն նիշ ապահովելը: Խօսքիս ընդմէջէն լուսարձակի տակ կ՛առնեմ արժեւորման այլ չափանիշներ, որոնք կը նկատեմ աւելի էական: Կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի, այսօրուան պարգեւատրուող ուսանողներ եւ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան անդամներ, որ մտածէք այդ չափանիշներուն մասին, տագնապիք անոնցմով, այն յոյսով, որ կու գայ օրը, երբ դուք հայ հաւաքականութիւնը կը մղէք վերատեսութեան ենթարկելու գերազանց ուսանողի սահմանումները:

Կը հաւատամ, որ արժեւորում հասկացողութիւնը ունի համապարփակ իմաստ ու չի կրնար սահմանափակուիլ դասանիւթերու մէջ ուսանողներու ստացած նիշերով եւ արդիւնքներով: Կրթական հաստատութեան մը տեսլականին, առաքելութեան եւ գործունէութեան արժեւորումը շատ աւելի անդին է ակադեմական յաջողութենէն, նիշէն եւ արդիւնքէն: Արժեւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ  յատուկ քաղաքականութեան եւ չափանիշներու վրայ, որոնք կը համապատասխանեն կրթական հաստատութեան տեսլականին, առաքելութեան եւ գործունէութեան: Այլ խօսքով, արժեւորումը պէտք է իր մէջ ընդգրկէ կրթական հաստատութեան տեսլականին, առաքելութեան եւ գործունէութեան զանազան երեսները: Եթէ առնենք, օրինակի համար, լիբանանահայ դպրոցներու կանոնագիրները, պիտի տեսնենք, որ անոնք կոչուած են պատրաստելու լաւ մարդն ու լաւ հայը: Այսպիսի առաքելութեան մը արժեւորումը կարելի չէ տեղադրել «ակադեմական յաջողութեան» նեղ շրջագիծի մը մէջ: Արդար պիտի ըլլայ, եթէ արժեւորումը ընդլայնենք եւ անոր մէջ ներառենք այնպիսի՛ չափանիշներ, որոնց միջոցով կարելի կ՛ըլլայ որոշել, թէ որքանո՛վ դպրոցը կրցաւ պատրաստել լաւ մարդն ու լաւ հայը, եւ որքանո՛վ ուսանողը պատրաստուեցաւ որպէս լաւ մարդ ու լաւ հայ:

Այս տրամաբանութեամբ, ուրեմն, «ակադեմական յաջողութեան» նեղ սահմանում մը չի կրնար ըլլալ հիմնակէտը` արժեւորելու համար ուսանողի մը կրթաուսումնական ընթացքը: Երբ արժեւորման գործընթացը տեղադրենք համապարփակ շրջագիծի մը մէջ, անմիջապէս պիտի տեսնենք, որ այլ տեսակի չափանիշներ անհրաժեշտ են` կատարելու համար ուսանողի աշխատանքներու արժեւորում: «Ակադեմական յաջողութեան» համապատասխանող չափանիշները բաւարար պիտի չըլլան ուսանողը պիտակելու գերազանց:

Ուրեմն կ՛առաջադրեմ երեք չափանիշներ, որոնք, կը հաւատամ, ներկայ պէտք է ըլլան լիբանանահայ դպրոցներու արժեւորման գործընթացին, ինչպէս նաեւ ուսանողներու աշխատանքի արժեւորման մէջ:

Ա.- Ուսանողները պատրաստուած են արդարօրէն սատարելու մարդկային ընկերութեան զարգացման

Պաքալորէայի քննութիւններուն կամ հայոց լեզուի դասանիւթին մէջ գերազանց արդիւնքներ ապահովել չի՛ նշանակեր կարենալ արդարօրէն սատարել մարդկային ընկերութեան զարգացման: Դժբախտաբար ո՛չ պաքալորէայի քննութիւնները, ո՛չ ալ հայոց լեզուի դասաւանդութիւնը կու գան արժեւորելու ուսանողը, թէ ան որքանո՛վ պատրաստուած է սատարելու մարդկային ընկերութեան զարգացման եւ որքանո՛վ պատրաստուած է այդ մէկը կատարելու` մեկնելով արդարութեան հիմնակէտէն:

Այս չափանիշը պիտի նկատեմ խիստ կարեւոր` նկատի ունենալով լիբանանահայ դպրոցին լաւ մարդ պատրաստելու առաքելութիւնը: Այսօրուան աշխարհը լեցուն է մշակոյթներու միջեւ բախումներով, ինչպէս նաեւ` ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ կենսոլորտային հարցերով: Հարցերը բազմաթիւ են, բազմակողմանի եւ բազմերես, անոնք բարդ են իրենց բնոյթով: Անոնց լուծումները կ՛ենթադրեն աւելի քան մասնագիտական մօտեցում եւ բարձր նիշեր: Լաւ մարդը, լաւ քաղաքացին պէտք է կարենայ ըլլալ յանձնառու, այդ հարցերուն վերաբերեալ բերէ իր գործօն մասնակցութիւնը եւ կարենայ արդա՛ր մօտեցում ցուցաբերել այդ հարցերու քննարկման եւ լուծումներու առաջադրման գործընթացին մէջ:

Լիբանանահայ դպրոցը պէտք է կարենայ համապարփակ արժեւորման ընդմէջէն որոշել, թէ որքանո՛վ կրցաւ պատրաստել ապագայ քաղաքացիներ, որոնք կը կարողանան արդարօրէն սատարել մարդկային ընկերութեան զարգացման: Անշուշտ դիւրին պիտի չըլլայ այսպիսի արժեւորում մը կատարելը: Սակայն այդ մէկը անհրաժեշտ է, որպէսզի կարելի ըլլայ որոշել, թէ որքանո՛վ արդիւնաւէտ է լիբանանահայ դպրոցը իր առաքելութեան կիրարկման մէջ: Արժեւորման այս գործընթացին մէջ կարեւոր է նաեւ արժեւորել իւրաքանչիւր ուսանողի յառաջդիմութիւնը` նոյն մեկնակէտէն, այսինքն, թէ որքանո՛վ իւրաքանչիւր ուսանող տիրապետեց այնպիսի գիտելիքներու, հմտութիւններու եւ կեցուածքներու, որոնց միջոցով ան պիտի կարենայ արդարօրէն սատարել մարդկային ընկերութեան զարգացման:

Որպէս օրինակ` առնենք Լիբանանի դիմագրաւած աղբերու տագնապը եւ անոր հետեւանքները: Ի՞նչ իմաստ կ՛ունենայ, եթէ երկրորդական դասարաններու ուսանողներ գերազանց նիշեր ապահովեն գիտական նիւթերու մէջ, կամ լիբանանեան պաքալորէայի մասնակից բոլոր ուսանողները գերազանց արդիւնքներ ձեռք ձգեն, բայց անոնք` որպէս Լիբանանի քաղաքացիներ, չկարենան քննարկել, արժեւորել եւ ըստ այնմ արդար առաջարկներ բերել աղբերու հարցի տագնապին եւ անոր հետեւանքներուն վերաբերեալ: Անշուշտ այս չի նշանակեր, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է դառնայ մասնագէտ, գիտնական, քաղաքագէտ եւ այլն: Սակայն, ժողովրդավարական մեկնակէտէ, իւրաքանչիւր լաւ քաղաքացի պէտք է ուղղակիօրէն կամ անուղղակի կերպով, այսինքն` իր ներկայացուցիչներուն միջոցով, կարենայ իր ներդրումը ունենալ եւ արդարօրէն սատարել ընկերային այս հարցին, որուն ենթահողը կը կազմեն կենսաբանական, արհեստագիտական, քաղաքական, կենսոլորտային, առողջապահական, գեղագիտական եւ այլ տիպի գիտութիւնները: Հարցը, ուրեմն, թէ դպրոցական կամ պաքալորէայի քննութիւններու արդիւնքները որքանո՛վ կ՛արժեւորեն այս մէկը, դպրոցական նիշերը որքանո՛վ կ՛արժեւորեն ուսանողին պատրաստութիւնն ու զարգացումը այս իմաստով:

Կամ, այլ օրինակ մը, ի՞նչ իմաստ ունի, եթէ հայոց լեզուի կամ հայերէնագիտական նիւթերու մէջ բարձրագոյն նիշեր ապահոված ըլլան լիբանանահայ վարժարաններու բոլոր աշակերտները, սակայն անոնք չկարենան Հայ դատի արդար հատուցման պահանջատէր ըլլալ: Հոս հարցը դարձեալ նոյնն է: Պահանջատէր ըլլալը, բոլորս գիտենք, թէ լեզուին տիրապետելէն, հայոց պատմութեան եւ Հայ դատի ժամանակագրական իմացութիւն ունենալէն կամ արդի հայ գրականութիւնը ուսումնասիրելէն շատ աւելի անդին է: Ինչպէս գիտենք, գիտութենէն բացի, անիկա ինքնաճանաչման խնդիր է, պատասխանատուութեան գիտակցութեան զգացում է, հոն յանձնառութեան խնդիր կայ եւ այլն: Հարցը, սակայն, հետեւեալն է. որքանո՛վ լիբանանահայ դպրոցը կը կատարէ ապացոյցներու վրայ հիմնուած համապարփակ արժեւորում` որոշելու համար, թէ որքանո՛վ պատրաստեց Հայ դատի պահանջատէր հայեր: Որքանո՞վ տրուած նիշերն ու արդիւնքները կու գան արժեւորելու ուսանողին պատրաստուածութիւնը` այս իմաստով:

Ուրեմն անհրաժեշտ է, որ արժեւորման մեր ունեցած սահմանումը ընդլայնենք, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի արդար կերպով ներկայացնել ուսանողի մը կրթաուսումնական ընթացքը: Հիմնուելով առաջադրուած չափանիշին վրայ` գերազանց ուսանող կ՛ըլլայ ան, որ լաւագոյնս պատրաստ է արդարօրէն սատարելու մարդկային ընկերութեան զարգացման:

Բ.- Ուսանողները պատրաստուած են արեւմտահայերէնով մտածելու եւ ստեղծագործելու զանազան ոլորտներու մէջ

Հայոց լեզուի դասանիւթին մէջ բարձրագոյն նիշեր ապահովելը չի նշանակեր, որ արեւմտահայերէնը ինքնաբերաբար պիտի դառնայ մասնագիտական լեզու ձեզի համար: Արեւմտահայերէնի գործածութիւնը կը տարբերի անհատէ անհատ, շրջապատէ շրջապատ` ե՛ւ որակական, ե՛ւ քանակական իմաստով: Զանազան գաղութներու մէջ, կամայ թէ ակամայ, արեւմտահայերէնը սկսած ենք գործածել «հայկական միջավայր»-ի մէջ միայն: Այդ միջավայրը ոմանց համար` կրնայ ըլլալ միայն ընտանիք, ուրիշներու համար` ընտանիք եւ շրջապատ: Սակայն շատ քիչերու համար է, որ «հայկական միջավայր»-ը ընտանիքէն եւ շրջապատէն անկախ` կ՛ընդգրկէ նաեւ մասնագիտական դաշտ: Հոս խօսքը կը վերաբերի անոնց, որոնք, օրինակի համար, կը ծառայեն հայկական հաստատութիւններու մէջ` ուսուցիչ, տնօրէն, խմբագիր եւ այլն: Դժբախտաբար մեծամասնութեան համար արեւմտահայերէնը ամէնօրեայ մասնագիտական ասպարէզի կեանքին մէջ ներկայութիւն չէ: Առաւել եւս, մասնագիտական ստեղծագործական իմաստով անիկա դարձեալ կը բացակայի:

Բնականաբար լիբանանահայ դպրոցներէ շրջանաւարտ համեմատաբար մեծ թիւով աշակերտներ համալսարաններու մէջ կը հետեւին մասնագիտական այնպիսի ճիւղերու, որոնք չեն առնչուիր հայերէնագիտական նիւթերու: Դպրոցներուն մէջ կատարուած հայոց լեզուի դասանիւթի գծով աշակերտներու աշխատանքի արժեւորումը  ցոյց չի տար, թէ անոնք որքանո՛վ կրնան մտածել եւ ստեղծագործել հայերէնագիտական պարունակէն դուրս, զանազան ոլորտներու մէջ: Անկախ անկէ, որ յաճախ այդ արժեւորումը նաեւ ցոյց չի տար, թէ անոնք որքանո՛վ կրնան ստեղծագործել հայերէնագիտական նիւթերու պարունակին մէջ, այս մէկն ալ` այլ խնդիր:

Սակայն լիբանանահայ դպրոցները կոչուած են պատրաստելու լա՛ւ հայեր, իսկ հայ մարդու պատրաստութեան մէջ հիմնական տեղ կը գրաւէ լեզուի ուսուցումը: Լեզուաբաններու կողմէ կայ այն ընդունուած իրողութիւնը, որ լեզուի մը գոյատեւման կարեւոր գրաւականներէն մէկը անոր զարգացումն է զանազան պարունակներու մէջ: Ուրեմն, այս մեկնակէտէն, ինչպէս` որեւէ լեզուի պարագային, արեւմտահայերէնի գոյատեւման մէջ նոյնպէս կարեւոր է, որ մարդիկ օգտագործեն զայն եւ ստեղծագործեն անոր միջոցով` զանազան ոլորտներու մէջ:

Արեւմտահայերէնը պէտք է շարունակէ գոյատեւել այնպէս, ինչպէս` որեւէ այլ լեզու: Այս մէկը կարեւոր է մշակոյթներու բազմազանութեան մեկնակէտէն: Առաւել եւս, անոր գոյատեւումը կ՛երաշխաւորէ մեր գաղութներու գոյատեւումն ու ամրապնդումը: Արեւմտահայերէնը պէտք է շարունակէ զարգանալ տարբեր ոլորտներու մէջ, որպէսզի կարենայ գոյատեւել: Այսպիսի նախապայման մը չի պայմանաւորուիր հայոց լեզուի դասանիւթին մէջ բարձրագոյն նիշեր ապահովելով, նոյնիսկ եթէ լիբանանահայ վարժարան յաճախող իւրաքանչիւր աշակերտ գերազանց նիշեր ստանայ: Լիբանանահայ դպրոցները տարբեր դեր ունին կատարելիք եւ տարբեր տեսակի արժեւորում ունին կատարելիք այս իմաստով:

Որքանո՞վ լիբանանահայ դպրոցներէն շրջանաւարտներ սորված են մտածել եւ ստեղծագործական աշխատանքի նախափորձեր կատարել` հայերէնագիտական դասանիւթերէն դուրս, դպրոցական իրենց տարիներուն: Անոնք որքանո՞վ պատրաստ են արեւմտահայերէնով մտածել եւ ստեղծագործել զանազան ոլորտներու մէջ: Լիբանանահայ դպրոցէ քանի՞ շրջանաւարտ երբ գիտնական, երկրաչափ, տնտեսագէտ կամ բժիշկ դառնայ, արեւմտահայերէնո՛վ պիտի կարենայ մտածել եւ ստեղծագործել:

Որքանո՞վ լիբանանահայ դպրոցը կը կատարէ ապացոյցներու վրայ հիմնուած համապարփակ արժեւորում` որոշելու համար, թէ որքանո՛վ պատրաստեց ապագայ սերունդ, որ կը կարենայ արեւմտահայերէնով ստեղծագործել: Որքանո՞վ տրուած նիշերն ու արդիւնքները կու գան արժեւորելու աշակերտին պատրաստուածութիւնը այս իմաստով: Անհրաժեշտ է, որ լիբանանահայ վարժարանները հայոց լեզուի դասաւանդումը չկղզիացնեն` սահմանափակելով զայն հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան պարունակի մէջ: Հայ վարժարանները պէտք է ստեղծեն հարկ եղած բոլոր պայմաններն ու հնարաւորութիւնները, որպէսզի աշակերտները արեւմտահայերէնով մտածեն եւ ստեղծագործական նախափորձեր կատարեն նաեւ ուսողութեան, գիտութեան, տնտեսագիտութեան եւ այլ դասանիւթերու պարունակներուն մէջ:

Ուրեմն ընդլայնելով գերազանց աշակերտի սահմանումը եւ հիմնուելով առաջադրուած երկրորդ չափանիշին վրայ, գերազանց աշակերտը կ՛ըլլայ ան, որ լաւագոյնս պատրաստ է արեւմտահայերէնով մտածելու եւ ստեղծագործելու զանազան ոլորտներու մէջ:

Գ.- Ուսանողները պատրաստուած են դրական ներդրում ունենալու լիբանանահայ եւ այլ գաղութներու կեանքի վերանորոգման մէջ

Պաքալորէայի գերազանց արդիւնքներով յաջողութիւնն ու հայոց լեզուի դասանիւթին մէջ բարձրագոյն նիշեր ապահովելը չեն երաշխաւորեր լիբանանահայ եւ այլ գաղութներու կեանքի վերանորոգումն ու վերածաղկումը:

Սփիւռքի հայ դպրոցը հիմնաքարն է գաղութներու գոյատեւման: Սփիւռքի հայ դպրոցի ուռճացումն ու հզօրացումը կ՛երաշխաւորեն գաղութներու ապագան, կը նպաստեն անոր վերանորոգման եւ վերակենսունակման: Անոնք մեզ կը պահեն հայ: Աւելի՛ն. որքան գաղութները առողջ ըլլան, այնքան անոնք առողջ ներդրում կրնան ունենալ հայրենիքի բարգաւաճման եւ հզօրացման ճանապարհին:

Գաղութներու գոյատեւումը կարելի չէ երաշխաւորել «ջահի փոխանցումի» կամ «արժէքներու պահպանման» հոգեբանութեամբ եւ անոր նպաստող դաստիարակութեան մօտեցումներով: Այսպիսի կրաւորական մօտեցումներ գաղութները կը լճացնեն եւ զանոնք կը դարձնեն լուսանցքային: Տրամաբանութիւնը շատ պարզ է. մարդկային կեանքը, թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական իմաստով, փոփոխութեան ենթակայ է: Ժամանակները կը փոխուին եւ ժամանակներուն հետ նաեւ կը փոխուին չափանիշներն ու արժէքները: Այս մէկը բնական երեւոյթ է: Ուրեմն այսօրուան մեր բարձր բռնած արժէքները նոյն իմաստն ու մեկնաբանութիւնը կրնան չունենալ վաղը:

Այս մեկնակէտէն, լիբանանահայ դպրոցը կոչուած է պատրաստելու այնպիսի՛ սերունդներ, որոնք կարենան յանձնառութեամբ եւ գիտակցութեամբ քննարկել մեր բարձր բռնած արժէքները եւ տեղադրել զանոնք վաղուան ժամանակներու պարունակին մէջ: Այս մէկը կ՛ենթադրէ ուսանողը կրաւորական ունկնդրողի դերէն դուրս հանել եւ զայն մղել, որպէսզի զարգացնէ իր հարցադրելու, գնահատելու, դատելու, որոշումներ կայացնելու եւ այլ կարողութիւնները: Այս բոլորը` արժէքներու դաստիարակութեան ընթացքին: Այսպիսի մօտեցում մը կը նպաստէ, որ ապագայ սերունդները ունենան աւելի դրական ներդրում` գաղութներու գոյատեւման մէջ, նախանձախնդիր ըլլան ազգային արժէքներու յարատեւ քննարկման եւ պատշաճեցման, բերեն նոր շունչ եւ ոգի` յանուն գաղութներու վերարտադրութեան եւ վերանորոգման: Գաղութներու վերարտադրութիւնը հիմնական է անոնց գոյատեւման համար:

Լիբանանահայ դպրոցը կը կատարէ՞ ապացոյցներու վրայ հիմնուած համապարփակ արժեւորում` որոշելու համար, թէ որքանո՛վ պատրաստեց ապագայ սերունդը, որ կարենայ դրական ներդրում ունենալ գաղութներու գոյատեւման մէջ: Որքանո՞վ լիբանանահայ դպրոցէ շրջանաւարտներ նախանձախնդիր են ազգային արժէքներու յարատեւ քննարկման եւ պատշաճեցման: Ապացոյցներու հիման վրայ արժեւորումներ կա՞ն: Լիբանանահայ դպրոցներու աշակերտները որքանո՞վ կրնան հարցադրել, գնահատել, դատել, որոշումներ կայացնել: Որքանո՞վ անոնք կրնան այս բոլորը կատարել ազգային արժէքներու պարունակին մէջ: Եւ, վերջապէս, արդեօք այս բոլորը տեղ ունի՞ն պաքալորէայի կամ հայերէնագիտական նիւթերու գերազանց նիշերուն ներքեւ:

Աւելի արդար պիտի չըլլա՞ր գերազանց ուսանողի սահմանումը ընդլայնել… Այս մեկնակէտէն, գերազանց պիտի ըլլային անոնք, որոնք լաւագոյնս պատրաստուած են դրական ներդրում ունենալու լիբանանահայ թէ այլ գաղութներու կեանքի վերանորոգման մէջ:

Որպէս վերջաբան` կը հաւատամ, որ պաքալորէայի գերազանց արդիւնքներն ու հայոց լեզուի դասանիւթին մէջ բարձրագոյն նիշերը չեն պայմանաւորեր լիբանանահայ վարժարանի գոյատեւման ապահովումը: Ցաւ ի սիրտ, այսօրուան դրամատիրական աշխարհին մէջ «դպրոց» կոչուած հիմնարկը շատ յաճախ կը գործէ գործարանային տրամաբանութեամբ: Կը փորձէ արժեւորել իր յաջողութիւնը` իր «արտադրութեան» մակարդակով, այնպէս` ինչպէս կօշիկի կամ հագուստի գործարան մը պիտի արժեւորուէր իր արտադրութիւններու քանակին եւ որակին համաձայն: Սակայն յաճախ կը մոռնանք, որ եթէ կօշիկի կամ հագուստի գործարանը ապրանք կ՛արտադրէ, դպրոցը «կ՛արտադրէ» մարդ: Անշուշտ կարելի չէ մարդ պատրաստել` ապրանք արտադրելու հոգեբանութեամբ: Այդ մէկը արդար պիտի չըլլայ: Գործարանային տրամաբանութիւնը դպրոցը կը պարպէ իր մտաւորական խորքէն ու բովանդակութենէն, ուսուցիչը կը վերածէ աշխատաւորի, իսկ տնօրէնը` աշխատաւորապետի: Միտք բանին կը դառնայ արդիւնաւէտ եւ ազդու գործընթացի մը ապահովումը, որ կ՛արժեւորուի ուսանողներու յաջողութեան նեղ սահմանումով:

Սիրելի՛ ուսանողներ, պարգեւատրուողներ եւ պարգեւատրողներ,

Ձեզի հետ զրոյցիս մէջ առաջադրեցի երեք չափանիշներ, որոնք, կը հաւատամ, էական են լիբանանահայ դպրոցներու արժեւորման գործընթացին, ինչպէս նաեւ ուսանողներու աշխատանքի արժեւորման մէջ: Կը բաւարարուիմ այս երեք չափանիշներով: Կը յուսամ, որ կը մտածէք այդ չափանիշներուն մասին, կը մտածէք նաեւ այն հարցադրումներուն մասին, որոնք կատարեցի գերազանց ուսանողի սահմանումին մասին: Կրնաք համաձայն գտնուիլ կամ ոչ: Երկու պարագաներուն ալ, սակայն, կը մաղթեմ, որ քննարկէ՛ք այն չափանիշները, որոնց հիման վրայ կը պարգեւատրուիք եւ կը պարգեւատրէք այսօր:

Դարձեալ շնորհաւորութիւններս ձեր բոլորին` այս գնահատելի երեւոյթին համար:

Պէյրութ, 26 հոկտեմբեր 2018

 

 

Թուրքիոյ Մէջ Կանգուն Մնացած Սեմեն Եայլայի Եկեղեցին Վերանորոգման Կարիք Ունի

$
0
0

Պատրաստեց ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆԸ

Ներկայիս Թուրքիոյ Արդուինի եւ Կիրասոնի բնակիչներուն կողմէ որպէս մզկիթ օգտագործուող Սեմեն եայլայի եկեղեցին մարտահրաւէր նետած է ժամանակին: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:

Աղբիւրին համաձայն, սոյն եկեղեցին ամառնային ամիսներուն որպէս մզկիթ կ՛օգտագործուի եայլաներ բարձրացող տեղացիներու կողմէ: Եկեղեցւոյ շուրջ գտնուող տուներուն մէջ բնակողները կը փորձեն պահպանել եւ այցելուներուն ներկայացնել այս պատմական կառոյցը:

Սեմենի եկեղեցւոյ այցելուներէն Պիւլենթ Աքչայը առաջին անգամ տեսնելով այս շինութիւնը` շեշտած է, որ միաժամանակ երկու նահանգներու համատեղ արժէքը եղող սոյն կառոյցը հարկ է վերականգնել` տուեալ շրջաններու մէջ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով:

Հարկ է նշել, որ Սեմեն աւանին մէջ 1900-1920 թուականներուն մօտ 5000 յոյն կը բնակէր: 1915-1920 թուականներուն տուեալ շրջանի յոյն բնակիչներու մէկ մասը բռնի կերպով տեղահանուած է Հալէպ, իսկ միւսը` Յունաստան: Յայտնի է նաեւ, որ Սեմենի եայլայի մէջ աճող առանձնայատուկ սալորէն կը պատրաստուէր գինի, որ կ՛արտահանուէր եւրոպական երկիրներ: Հակառակ բնութեան բոլոր արհաւիրքներուն` կանգուն մնալ յաջողած Սեմենի եկեղեցւոյ տանիքը կառուցուած է 1900-1910 թուականներուն` լաւագոյն յոյն վարպետներու կողմէ, յատուկ Մարսէյլէն բերուած կղմինտրներով:

 

 

 

 

Ազգային Մտաւորականութեան Անհրաժեշտութիւնը

$
0
0

ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ
Պատմական գիտութիւնների դոկտոր

Մեր պետականութեան համար, այս բախտորոշ ժամանակաշրջանում, իր ազդեցիկ խօսքը պէտք է ասի հայ ազգային մտաւորականութիւնը: Ցաւօք հէնց ազգային մտաւորականութիւնն էլ հանդիսանում է ներհայաստանեան կեանքի ամենաթոյլ օղակը, եթէ, ի հարկէ, ասելու չլինենք, որ ըստ էութեան ազգային մտաւորականութիւնը բացակայ է:

Ընդհանրապէս հասարակութիւնը մտաւորականութեան արտացոլանքն է: Թերեւս կարիք չկայ պատմութիւնից օրինակներ բերելու, թէ ի՛նչ հզօր, կազմակերպուած, ծանրակշիռ ուժ է իրենից ներկայացրել հայ հասարակութիւնը, երբ այն ղեկավարուել կամ ուղղորդուել է ազգային մտաւորականութեան կողմից:

Համաշխարհայնացման այս մոլեգնող ժամանակաշրջանում ազգային Մտաւորականութեան դերն առաւել է կարեւորւում: Մենք այսօր հայ հասարակութեանը ազգային ուղղուածութիւն հաղորդելու խնդիր ունենք, որի ճարտարապետը կարող է լինել միայն ազգային մտաւորականութիւնը: Կարճ խօսքով, ազգային մտաւորականութիւնն է կերտելու մեր ազգային ընդհանրութիւնը:

Մտաւորականութիւնը պէտք է առաջինը բարձրաձայնի մեր հասարակութեան եւ պետութեան մէջ գոյութիւն ունեցող արգահատելի ամենատարբեր երեւոյթների մասին: Մտաւորականութեան դիրքորոշումը վճռական պէտք է լինի մշակոյթի, ժողովրդավարութեան, արդարադատութեան ասպարէզներում: Այլասերման դէմ պայքարում յատկապէս էական ու կենսական է մտաւորականութեան խօսքը:

Ազգային մտաւորականութիւնը պէտք չէ զլանայ համարձակութիւն դրսեւորել յոռի երեւոյթների քննադատութեան մէջ: Այն իր ըմբոստ, արդարամիտ, ինքնազոհաբերուող կեցուածքով պէտք է հանդիսանայ հայկական ժամանակակից ասպետութիւնը: Ազգային մտաւորականութիւնը պէտք է արձանագրի պետութեան ընկերային վիճակի բացերը եւ ցոյց տայ իրավիճակը շտկելու ուղղութիւններն ու սկզբունքները:

Ազգային մտաւորականութիւնը ուղղակի պէտք է համակուած լինի մեր հասարակութեան զարգացման առաքեալը լինելու գաղափարով: Հասարակութեան վերափոխումն ու կրթումը ազգային մտաւորականութեան համար պէտք է պարտքի, յանձնառութեան զգացողութիւն լինի:

Ազգային մտաւորականութիւնը միշտ էլ եւ յատկապէս հիմա պէտք է մեր հասարակութեանը դէպի լաւը վերափոխելու, մեր պետականութիւնը հզօրացնելու սեփական այլընտրանքային ծրագիր ունենայ եւ վտանգի պահին առաջնորդուի դրանով:Մի առիթով Գ. Նժդեհն ասել է. «Վերանորոգուելու անընդունակ ժողովուրդները մեռնում են ամէն ժամ, ամէն վայրկեան»: Մեր մտաւորականութիւնը պէտք է ցոյց տայ, որ մենք պատրաստ ենք վերափոխուելու: Ազգային մտաւորականութիւնը պէտք է ունենայ այդ նախաձեռնողականութիւնը, բաւարար ինքնվստահութիւն ցուցաբերի ճակատագրական այս պահին առաջնորդի դերը ստանձնելու եւ ժողովրդին փորձանքներից ապահովագրելու համար:

Ազգային մտաւորականութիւնը պէտք է իր ողջ ներուժով ծառայի հայ հասարակական-քաղաքական մտքի զարգացմանը, որն էլ պէտք է տեսական հիմքեր ապահովի հասարակութեան գործնական առաջընթացի համար: Իսկ թոյլ եւ տկար ազգային մտաւորականութիւնը ի վիճակի չէ զարկ տալ հայ հասարակական-քաղաքական մտքի զարգացմանը:

Անշուշտ ազգային մտաւորականութիւնը անհատները չեն: Այլապէս, այսօր մենք ունենք բազմաթիւ անհատ մտաւորականներ, ովքեր իրենց մասնագիտական որակներով ոչ միայն բարձր դիրք ունեն հայաստանեան հասարակութեան մէջ, այլեւ լուրջ կշիռ ունեն միջազգային ասպարէզում: Խօսքը մտաւորական շերտի, մտաւորական դասի մասին է:Այդ մտաւորական դասը պէտք է լինի գաղափարական, կազմակերպուած եւ վայելի հանրային մեծ ընկալում:

 

 


Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. Էջմիածինի Անտառը Եւ Գաղթականները

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Զանգ»-ի «Ընթացիկ կեանք» բաժինին մէջ «Արտօս» ստորագրութիւնը կրող թղթակցութիւնը` Կովկասի մէջ Գերմանիոյ ներկայացուցիչ զօրավար Ֆրետերիք Ֆրայհըր Քրես վոն Քրեսենշթայնի պատուիրակութեան Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի առաջին նիստին ներկայ գտնուելու առիթով Էջմիածին կատարած այցելութեան մասին, ուր, սակայն, յօդուածագիրը աւելի լայն տեղ յատկացուցած է Էջմիածին գտնուող գաղթականներուն ցաւալի վիճակը նկարագրող (1): Յատկանշական է, որ այս այցելութեան Քրեսին  կ՛ընկերակցէր թուրք ներկայացուցիչ Խալիլ փաշա Քութը, իսկ հայկական կողմէն կը մասնակցէին Արամ Մանուկեանը, Արշաւիր Շահխաթունին եւ այլք, որոնց մասին որեւէ յիշատակութիւն չի կատարուիր, (տես` 2, 3, 4):

«Էջմիածին, 1 օգոստոս (1919)

«Յուլիս 31-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Էջմիածին ժամանեց Կովկասի գերմանական պատուիրակութիւնը` զօրավար Ֆոն Կրեսսի (Ֆրետերիք Ֆրայհըր Քրես վոն Քրեսենշթայն, (1870-1948)) գլխաւորութեամբ:

«Տեղւոյն զինուորական կեդրոնին կողմէ պատգամաւորներուն դիմաւորելու եկած էին խումբ մը ձիաւոր զինուորներ: Հիւրերը վեհարան իջան, ուր անոնց պատշաճ ընդունելութիւն ըրաւ Ամենայն Հայոց վեհափառ կաթողիկոսը (Գէորգ Ե. Սուրէնեանց, 1847-1930):

«Հանգստանալէ ետք, պատգամաւորները, Մեսրոպ, Տիրայր (Ա. դիւանապետ) եւ Գարեգին (Յովսէփեանց, ապագային` Կիլիկիոյ կաթողիկոս) եպիսկոպոսներու առաջնորդութեամբ մայր տաճար ուղղուեցան: Տաճարի մուտքին, զանգակատան կամարներուն տակ` մերկ, սոված ու յուսահատ ժողովրդական բազմութիւն մը, քահանայի մը ձեռքով պատգամաւորներուն աղ ու հաց մատուցուեցաւ, ինչ որ զօրավար Ֆոն Կրեսսը շատ սիրով ընդունեց` խոստանալով շուտով իրականացնել հայ ժողովուրդին այն յոյսերը, որոնք դրուած են գերմանական պատուիրակութեան վրայ:

Տաճար, թանգարան եւ այլուր (լիճին շուրջ) այցելելէ ետք, պատգամաւորները վեհարանին մէջ ճաշեցին եւ լաւ տպաւորութիւններով հեռացան:

«Ամէն տեղ այժմ գաղթականութեան վերադարձի ծանր ու անորոշ հարցն է, որ կը զբաղեցնէ միտքերը:

«Սարդարապատի եւ Սուրմալուի գաւառներու (նաեւ` Թուրքիոյ կողմէ հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած) ժողովուրդը այնպիսի սարսափելի վնասներ հասցուց Էջմիածինի շրջանի գիւղերուն եւ մանաւանդ Վաղարշապատին ու վանքին, որ եթէ մանրամասնութեամբ պատմենք, մարդս պիտի չուզէ լսել եւ նոյնիսկ հաւատալ: Բաւական է յիշենք միայն այգիներու փճացումը, վանքի անտառի (12 հեկտար) անխնայ աւերումը եւ այլն: Եթէ գաղթականութիւնը մէկ ամիս եւս շարունակէ մնալ վանքի անտառին մէջ, մենք այլեւս «Ներսիսեան» պատմական անտառին տեղ ոչ մէկ ծառ կը տեսնենք, այլ պարզ` դաշտ (անտառի այժմու իրավիճակին մասին տես` (5):

«Զանգ» 10 օգոստոս 1919

«Ամէն օր քանի  մը սաժեն (հին ռուսական չափ = 2.134 մեթր) փայտը կը կտրեն եւ սայլերով աժան գինով կը ծախեն:

«Իսկ վանքը այս փճացումը անհոգ ու անտարբեր կը դիտէ` ամսական քանի մը տասնեակ ռուբլի խնայելու համար պահակներ չվարձելով:

«Գաղթականութեան գլխաւոր խորհուրդը կը պահէ երկու սննդատու կայաններ, ուրկէ օրական շուրջ 400 հոգի կը ստանայ կերակուր, որ, քիչ մը միսով եփած պարզ ջուր է: Բայց եւ այնպէս, այդ ջուրով ապուրին ալ կարօտներ կան, քանի որ հաց չի գտնուիր:

«Գաղթականութիւնը փճացուց  ցանքերուն կարեւոր մասը «կռութ» (առաջին բերքը տակաւին չհասունցած քաղել) ընելով:

«Գաղթականներուն համար բժշկական օգնութիւն գրեթէ չկայ. օրական 4-5 հոգի կը մահանայ սաստիկ տաքի, ծարաւի, անօթութեան եւ կեղտոտութեան պատճառով: Մաքրութեան հոգ տանող չկայ, վանքի շրջափակին մէջն իսկ գարշահոտութիւնը պակաս չէ:

Ներսիսեան անտառը                                                        եւ ծառատնկում 2010-ին

«Եղբայրական օգնութեան յանձնաժողովին ներկայ կազմը փտած դիակ է բառին բովանդակ առումով: Ներկայ կազմը գաղթականութեան ոչ մէկ դրական  օժանդակութիւն ցոյց տուաւ: Յանձնաժողովի անդամները, ուտել խմելէ ետք, ցերեկները անխռով կը քնանան, մինչ իրենց պատուհաններուն տակ սովալլուկ ամբոխը կը սողայ:

«Որբանոցներու վիճակը (մանաւանդ`  Եղբայրական օգնութեան) նախանձելի չէ:

«Առաւօտեան եւ երեկոյեան վանքի պատերուն տակ, շուկային մէջ կը տեսնենք տղամարդոց բազմաթիւ խումբեր` փռուած փոշիներու մէջ, կը շատախօսեն, թուղթ կը խաղան, քաղաքական հարցեր կը լուծեն, կամ ամէն վայրկեան կը սպասեն սուտ լուրեր ընդունիլ եւ տարածել, խուճապ, իրարանցում յառաջացնել: Սա այնպիսի անբարոյական երեւոյթ է, որուն հանդէպ գիտակից մարդը կը ճաքի:

«Որեւէ կերպով կարելի չէ այս գռեհիկ խումբերուն խօսք հասկցնել:

«Չմոռնամ արձանագրել նաեւ այն փաստը, որ անպակաս չեն զինուորներուն կատարած թալանները` գաղտնի թէ յայտնի, որոնք կը շարունակուին` հակառակ զինուորական հրամանատարին ձեռք առած խիստ միջոցներուն:

«Էջմիածին տեսնողը այժմ միայն շատ դառն ու տխուր իրականութիւններու եւ երեւոյթներու պիտի հանդիպի: Անտանելի է այս կացութիւնը, որուն ենթակայ է սովամերկ գաղթականութիւնը: Եթէ շուտափոյթ վերադարձ եւ բժշկական օգնութիւն չըլլան, գաղթականութիւնը կ՛ոչնչանայ, հիւանդութիւնները օրէ օր սուր կերպարանք կ՛առնեն: Գրեթէ ամէն ընտանիքի մէջ հիւանդ կայ:

«Օգնութեան ոչ մէկ յոյս եւ սպասելիք ունին, ամէնքը բախտի քմահաճոյքին լքուած են:

«Արտօս»

Ահա այսպիսի պայմաններու մէջ ծնունդ առաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` լաւատես ու պողպատեայ կամքով անձնուրաց նուիրեալներու կողմէ, եւ այս թղթակցութեան օրը` 1 օգոստոս 1919-ին, տեղի ունեցաւ խորհրդարանի առաջին նիստը` օտար հիւրերու ներկայութեան (6):

27 հոկտեմբեր 2018

———————–

(1).- «Զանգ», Երեւան, Բ. տարի, թիւ 44, 10 Օգոստոս 1919, էջ 4:

(2).-  http://www.aztagdaily.com/archives/386524  Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Օրերը – Ա.

(3).-  http://www.aztagdaily.com/archives/387134Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Օրերը – Բ.

(4).-  http://www.aztagdaily.com/archives/389448Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Օրերը – Ե

(5).-  http://www.armversion.am/2013/07/20/էջմիածնի-ներսիսեան-անտառը`-տիֆի-խոլե/

(6).-  http://www.aztagdaily.com/archives/390304Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Օրերը – Զ

 

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Որոշումը Կայացուելու Է Արցախում

$
0
0

Թրամփեան Ամերիկայի շունչը անցեալ շաբաթուայ ընթացքում զգաց նաեւ Կովկասի տարածաշրջանը: Անվտանգութեան հարցերով Միացեալ Նահանգների նախագահի խորհրդական Ճոն Պոլթընը թրամփեան Ամերիկայի հռետորաբանութեամբ այցելեց տարածաշրջան` Վրաստանին, Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին հրամցրեց ամերիկեան շահը գերակայող քաղաքականութեան «առաջարկները», որոնք, ըստ էութեան, ոչ թէ առաջարկ էին, այլ` սպառնալիքով համեմուած թելադրանք: Ինչքան էլ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան պատասխանատուները պնդեն, թէ Պոլթընի ասուլիսներում հնչեցրած մտքերը պաշտօնական բանակցութիւնների նիւթ չեն դարձել, պէտք է հաստատենք, որ հէնց այդ միջոցով էլ Պոլթընը փորձեց Հայաստանին հրամցնել ամերիկեան մօտեցումներն ու սպասելիքները Հայաստանից:

Պոլթընի արտայայտութիւնները կարող են թուալ մանրուքներ, սակայն ընդհանուր քաղաքականութիւնը, որպէս համակարգ, բաղկացած է հէնց այդ մանրուքներից: Եւ հէնց այդ մանրուքներն են կերտում ընդհանուր քաղաքական հայեցակարգը: Ըստ ամենայնի, Պոլթընի այցով Ամերիկան Հայաստանին առաջարկեց դառնալ ոչ թէ հիւսիս-հարաւ կապող օղակ, այլ` արեւելք-արեւմուտք միջանցք, որը տեղաւորւում է ամերիկեան գերակայ ծրագրերի մէջ, եւ որով Ամերիկան փորձում է աշխուժացնել իր յաւակնութիւնները տարածաշրջանում: Եւ այդպէս, պահանջուեց Հայաստանից` ձերբազատուել պատմական կաղապարներից, «անկախանալ» Ռուսաստանից` Ամերիկայից զէնք գնելով, մասնակցել Իրանի դէմ ուղղակի սեղմմանը, առաջիկայ ընտրութիւններում ձեւաւորել ուժեղ մանտաթ Արցախում կտրուկ քայլերի գնալու համար, որը ենթադրում է` տարածքներ հաղորդակցման ուղիների դիմաց պայմանաւորուածութիւններ:

Պարզ է, որ Հայաստանը, այդ թւում` Արցախը, Ամերիկայի մեծապետական շահերի համար «մանրուքներ» են, բայց մեզ համար քաղաքական ուղղութեան փոփոխութիւնը կարող է յանգել լինել կամ չլինելուն: 1918. թ յունուարին Պրեսթ-Լիթովսկի պայմանագրով Հայաստանը զոհ գնաց պոլշեւիկեան համաշխարհային յեղափոխութեանը` ռուսական զօրքերը նահանջեցին Արեւմտեան Հայաստանից:  2003-ի վարդերի յեղափոխութիւնից յետոյ Վրաստանը գնաց այդ ճամբով եւ 2008-ի ռուս-վրացական պատերազմից յետոյ վերջնականապէս զոհաբերուեց յանուն Թուրքիայի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջանցքի կառուցմանը: Իսկ հիմա Ամերիկան մեզ հրաւիրում է իր ծրագրերի զոհասեղանին:

Հասկանալի է, որ Ամերիկայի կողմից մեզ արուած այս առաջարկները այն առաջարկներից չեն, որ արւում են սեփական կամքով դրանք ընդունելու կամ մերժելու դիտանկիւնով: Դրանք իրանց յետեւից բերելու են թէ՛ պարտադրանք, թէ՛ պատժամիրոց եւ, ինչո՞ւ չէ, ընդունման դէպքում` խրախուսանք: Դժուար ընտրութեան առաջ է կանգնած Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը: Որպէս դիմակայութեան առաջին քայլ` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը արցախեան հարցի ճակատագրի որոշման դերակատար դարձրեց նաեւ սփիւռքին` փորձելով դիմակայութեան ճակատը ընդլայնել, սակայն, ըստ ամենայնի, ծանր է լինելու վերջնական որոշման կայացման փուլը: Իսկ այդ որոշման գաղափարական հնոցը եւ դիմակայութեան վերջնակէտը, ինչպէս 30 տարի առաջ, վճռուելու է Արցախում:

1 նոյեմբեր 2018 թ.

 

Զրոյցի Պէս. Լրատուամիջոց, Հրապարակախօսութիւն, Գրականութիւն Եւ Մենք

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ընկերութիւններու հաղորդակցութեան հրաշք միջոցը լեզուն է, նոյնիսկ` կոյրերու եւ համրերու համար: Անորակ լեզուով ո՛չ ճիշդ լուր կը հաղորդուի, ո՛չ թափանցող հրապարակախօսութիւն կ՛ըլլայ, ո՛չ ալ գեղեցիկ գրականութիւն կը մշակուի:

Խնամուած եւ պատշաճ լեզուով կատարուած լրատուութիւնը` թերթ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, կը գտնուի գրականութեան շեմին: Ապաշնորհ լեզուով սփռուած լուրը անարգանք է հասարակութեան հանդէպ: Իսկ որակաւոր հրապարակախօսութիւնը գրեթէ գրականութիւն է, յաճախ` լիիրաւ:

Յիշենք հայ հրապարակագիր Արփիար Արփիարեանը եւ ֆրանսացի Ֆրանսուա Մորիաքը, որոնց հրապարակագրութիւնը եղաւ նաեւ գրականութիւն:

Բոլոր պարագաներուն ալ, որակաւոր լեզուն ընկերութեան մակարդակի բարձրացման կը նպաստէ: Ո՛չ ֆրանսացին, ո՛չ անգլիացին, ո՛չ ամերիկացին, ո՛չ արաբներ եւ ո՛չ ալ ուրիշներ գռիհներու լեզուով լրատուութիւն կ՛ընեն, հրապարակագրութիւն եւ գրականութիւն: Այս յիշեցումը կարեւոր է ազգի նկարագիր պահելու համար: Այս պատճառով ալ լուրերը կարդալ կամ լսել` երբեմն հաճելի են, երբեմն` անհաճոյ: Այլ խօսքով, ո՛չ թերթը, ո՛չ ձայնասփիւռը ո՛չ ալ հեռատեսիլը իրենք իրենց կրնան թոյլատրել` ըլլալ անազնիւ մշակոյթ, աւելի պարզ` հակամշակոյթ, խաթարուած լեզուով թատրոն:

Իսկ մշակոյթը ընկերութեան եւ անհատին նկարագիրն է, ինքնութիւնը եւ որակը: Ազգերը եւ ժողովուրդները, երկար ժամանակի ընթացքին, կազմուած են մշակոյթով:

Լրատուամիջոցներու (media) բազմացումը եւ զանազանութիւնը գրականութիւնը կը դնեն լուրջ հարցականներու առջեւ: Դեռ մինչեւ 20-րդ դարու կէսը, եւ` անկէ անդին ալ, գրականութեան հրապարակումը, տարածումը եւ ծանօթացումը տպագրուած թուղթով կ՛ըլլային: Հիմա գրականութիւնը կը ներկայացուի հեռատեսիլով եւ ձայնասփիւռով, գրականութիւն կը կարդացուի համացանցով, ամբողջ գրադարաններ կը թուայնացուին:

Ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը եւ համացանցը նեղցուցած են տպուած թուղթով ընթերցման տարածքը: Համացանցը գիրքերու ամփոփումներ կը տրամադրէ, անոնց մասին արագ բացատրութիւններ, ընթերցողը գիրքը ամբողջութեամբ կարդալու հարկադրանքին տակ չի զգար ինքզինք: Հետեւաբար գիրքի եւ գրականութեան հանդէպ մեր վերաբերումը հիմնովին փոխուած է: Գրողը կրնա՞յ շարունակել, պիտի ուզէ՞, ինչպէս անցեալին, հատորներ գրել: Ինչպէ՞ս պիտի պատշաճի: Անցեալին բազմահատոր վէպեր կը գրուէին, roman fleuve (ինչպէս` Roger Martin du Gard-ի վէպերը): Այսինքն գրականութիւնը` որպէս ծաւալ, տպաքանակ եւ ընթերցման նիւթ, պիտի սեղմուի՞ պլոկ-ներու, Դիմատետր-facebook-ի եւ twitter-ի սահմաններուն մէջ: Ցարդ դասական ըմբռնումով գրականութիւնը պիտի յեղափոխուի՞: Պերճանք չէ խորհիլ այն մասին, որ ձայնասփիւռային-հեռատեսիլային գրականութիւնը շարունակութիւն պիտի ըլլա՞յ: Կամ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ պատշաճեցումը:

Ընթերցողը ժամանակ չունի: Հեռատեսիլը, համացանցը, բջիջային հեռախօսը` իր բոլոր տարբերակներով, տէր դարձած են իր ժամանակին: Ինք ընտրութիւն չի կատարեր, երբ կոճակ մը կը սեղմէ, իրեն կը ներկայանայ ուրիշներու կատարած ընտրութիւնը, իրեն կը մնայ հակազդելու միակ միջոցը. հետեւիլ կամ անջատել կապը, կամ` դիմել ուրիշ հասցէի: Հարկ է լսել եւ դիտել: Մասնաւորելով մեր խօսքը գրականութեան մասին, ան ըլլայ գեղարուեստական թէ քաղաքական, կը դատապարտուինք կրաւորականութեան: Հեռատեսիլը կը սփռէ գրական հաղորդումներ, կը ներկայացնէ հեղինակներ եւ գիրքեր, բայց անոնց ընտրութիւնը կը պարտադրուի ընթերցողին եւ դիտողին, եւ առանց յաւելեալ ճիգի` անոնք կը լսեն դատումներ եւ քննադատութիւններ, հեռակայ կարգով ներկայ եղող անձը կ՛ենթարկուի: Այս երեւոյթը ոչ շատ հեռաւոր անցեալին կը կոչէին ուղեղալուացք, lavage de cerveau, brain wash: Մարդիկ կը դադրին կարդալէ, գիրք գնելէ:

Ի հարկէ շատ բան կախում ունի media-ի տեսակէն եւ հոն գտնուող անձի որակէն, նոյնիսկ` սոսկ լրատուական մակարդակին: Ոմանք audimat-ի, ընթերցող-լսող-դիտողի թիւին կը հետեւին, քանի որ այդ թիւը դուռ կը բանայ ծանուցումներով ստացուելիք եկամուտի, եթէ այդ media-ն պետական կամ քաղաքական կազմակերպութիւններու ընձեռած միջոցներով կանգուն չի մնար: Այս բոլոր բացասականութիւններու հետեւանք են ստեղծագործական ճիգի պակասը եւ կրկնութիւնները:

Պարզ է նաեւ, որ խօսքի եւ խօսողներու քանակը անպայման արժէք չի ստեղծեր, հաւանօրէն կը նպաստէ ձեռնարկի նիւթական յաջողութեան: Իսկ գրական համարուած հաղորդումներուն կը հետեւին անոնք, որոնք միշտ այդ ժամուն տրամադրելի կ՛ըլլան, մինչդեռ տպուած թուղթը կը պատշաճի մեր ժամանակին:

Թերեւս պէտք է յաճախ կրկնել, որ գրական վայելքը նախ երկու հոգիի միջեւ է, ընթերցողին եւ գրողին: Զանգուածին ներկայացուած եւ անմիջականութեամբ յատկանշուող գրական ներկայացումը, որքան որ ալ կարեւոր եւ պատրաստուած անձեր ըլլան այդ ընողները, լսողին եւ դիտողին ստացածը միշտ մակերեսային պիտի ըլլայ, հարկատու` օրուան ուշագրաւին եւ նորին: Առաւել դրականութիւնը կախում պիտի ունենայ, ինչպէս միշտ, յայտագիրի եւ ներկայացնողի որակէն: Յաճախ կը բացակայի քննադատութիւնը, ինչպէս նաեւ ան կը բացակայի տպագիր մամուլի պարագային:

Միամիտ եւ վարդապետական պէտք չէ ըլլալ: Գրականութիւնը չի կրնար անգիտանալ media-ներու լայն զանգուածներէ ներս թափանցելու ներուժը: Ան կրնայ հետաքրքրութիւն ստեղծել իրաւ գրասէրին մօտ, որպէսզի ան անձամբ շարունակէ իր գրականութեամբ հարստանալու արկածախնդրութիւնը:

Բայց ինչպէս յաճախ ընդգծուած է, գրականութիւնը կարենալ ապրելու համար պիտի ապրեցնէ գրողը, այլապէս ան կը դառնայ սիրող եւ սիրողական, amateur եւ amateurisme, կամ ինքզինք ծախելու համար կը խրի զարմացնողի, ոճիր-արկածի կամ սեռային զարտուղութիւններու պատկերացման մէջ, ինչպէս են, օրինակ, հեռատեսիլով սփռուող նոյնատեսակ եւ ցնցող կացութիւններ պատկերացնող ժապաւէնները: Հայաստան կ՛ըսեն` սերիալները, որոնք ո՛չ արուեստի եւ ո՛չ ալ մարդկային որակի մտահոգութիւն ունին:

Պէտք է ընդունիլ, որ հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի գրական հաղորդումները գրական հանդէսներ չեն, ուր կարծիքներ կ՛արտայայտուին, ընտրութիւն կ՛ըլլայ: Բայց հակառակ ամէն կարգի քննադատութիւններու` հեռատեսիլային կամ ձայնասփիւռային գրական հաղորդումները հետաքրքրութիւն ստեղծելու եւ ծանօթացնելու դրական դեր կրնան ունենալ, եթէ այդ հաղորդումները ունենան ծանօթութիւն եւ որակ, «բանագողութիւն» չընեն ասդին անդին գրուածէն եւ խօսուածէն, անով չբաւարարուին:

Այս որակի որոնումը իմաստ կրնայ տալ media-ներու եւ գրականութեան առնչութիւններուն, ինչպէս որ այդ առնչութիւնները եղած են եւ կան գրական երկի եւ շարժանկարի արուեստին միջեւ: Օրինակ մը տալու համար յիշենք պարագաներ, երբ շարժանկարը չէ դաւաճանած գրական երկին, հաւատարիմ մնացած եւ բերած է պատկերի զգայնութեան յաւելեալը, ինչպէս այդ եղած է Էռնեստ Հեմինկուէյի «Ծեր մարդը եւ ծովը» գիրքի բեմականացման պարագային, Սփենսեր Թրէյսիի խաղարկութեամբ, կամ Ֆրանսուա Մորիաքի «Թերեզ Տեզքերու»-ն` Ֆիլիփ Նուարէյի եւ Էմանուէլ Ռիվայի խաղարկութեամբ:

Media-ները գրականութեան ժողովրդականացման եւ լայն շրջանակներու հետաքրքրութեան ստեղծան կրնան նպաստել, զայն դուրս բերել ընտրանիի մը, դպրոցներու, համալսարաններու եւ գրասէրներու շրջանակէն: Բայց միշտ պէտք է կրկնել, որ աշխատանքը պէտք է կատարուի որակով` հեռու մնալով ամբոխավարութենէ եւ չարաշահումներէ:

Որպէս ժողովուրդ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), գրականութիւն մշակողներով, բայց նաեւ ազգի ղեկավարներով այս հարցերը պէտք է քննել, լուծումներ գտնել, որպէսզի գրականութիւնը զարգանայ, հայերէն գիրքը վերադառնայ հայոց տուները, գիրքերու տպաքանակը եւ սպառումը չդառնան հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Եւ տեւաբար պէտք է լուսաբանել մեր ժողովուրդը, անոր հասկցնել Յակոբ Օշականի իմաստութիւնը` որ մագաղաթը աւելի կ՛ապրի, քան` մարմարը, եւ մենք որպէս ազգ` կ՛ապրինք այդ մագաղաթին հետ, կամ չենք ապրիր, կ՛ըլլանք օտարաբարբառ եւ օտարագիր ծագումով հայեր: Այս հիմնական գաղափարով պէտք է դատել մեր ղեկավարութիւնները եւ ըստ այնմ վստահութիւն յայտնել:

Քաջութիւն կ՛ունենա՞նք մենք մեզ դատելու` ըստ մեր գրական երկերու տպաքանակին եւ սպառման, ըստ մեր հայերէն գիրք վաճառող գրատուներու թիւին: Թիւերու լեզուն վիճելի չէ: Անոնց ընթերցումը տոկալու եւ տեւելու ազնիւ քաղաքականութեան ալֆան եւ օմեկան է:

Թարգմանչաց տօնին Մեսրոպ Մաշտոցը յիշենք, բայց ա՛յս ալ ըսենք ազգի վաղուան իրաւունքին համար, հոգեհաւաքի համար, որուն համար արտաքին օժանդակութիւն պէտք չէ սպասել:

31 հոկտեմբեր 2018, Նուազի-լը-Կրան

Խմբագրական «Հայրենիք »-ի. Ռազմավարութին…Եւ Ռազմագիտութիւն

$
0
0

Տարբեր բառեր են ռազմավարութիւնն ու ռազմագիտութիւնը, որոնց մասին յատուկ դասընթացներ կը տրուին ռազմական բնագաւառէն ներս մասնագիտացող բանակայիններու, քաղաքագէտներու եւ ռազմագէտներու:

Վերջին շաբաթներուն Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան ժամանած պետական պատուիրակութիւններու եւ քաղաքագէտներու այցելութիւնները թէ՛ ռազմավարական եւ թէ՛ ռազմագիտական բնոյթ ունէին:

Հաւանաբար Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւններուն մեկնակէտն էր ռազմավարութիւնը, սակայն նկատի ունենալով անոնց գործընթացն ու յատկապէս անցեալի գործունէութիւնը, առանց յստակօրէն արտայայտուելու, անոնք կը բացայայտէին, որ ռազմագիտութիւնն էր իրենց համար առաջնահերթը եւ, հետեւաբար, ռազմագիտական ակնոցով մօտեցան հարցերուն:

Այս գծով արդէն իսկ բաւական մելան հոսեցուցին Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի արտայայտութիւններն ու քողարկուած առաջարկները:

Նոյնիսկ Մոսկուան, յանձինս արտաքին գործոց նախարարութեան, արծարծած  ու վերլուծած է Պոլթընի խօսքերը` բաղդատելով եւ համեմատելով Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզի նախապէս կատարած յայտարարութեան հետ: Արցախը «գրաւուած հող» անուանելով` Միլզ նաեւ իր հրաժեշտի խօսքին մէջ տեղեկացուցած էր, որ Միացեալ Նահանգներ քաղաքական խմբաւորումներու աջակցած են Հայաստանի մէջ:

Պոլթընի այցելութեան օրերուն նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդական եւ Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Ռուտի Ճուլիանի, որ իր կարգին այցելած էր Հայաստան եւ մասնակցած` Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբին կազմակերպած տնտեսական համախմբումին, իր «Թուիթըր»-եան գեղգեղանքին մէջ ռազմավարութիւնն ու ռազմագիտութիւնը իրար խառնելով` յայտնած էր, որ իր երկիրը աշխարհը կ՛առաջնորդէ դէպի խաղաղութիւն ու ազատութիւն, որուն շնորհիւ` աշխարհը պիտի դառնայ խաղաղ վայր մը, ուր պիտի գնահատուին մարդկային նուաճումներն ու ազատութիւնը:

Հաւանաբար Ճուլիանի տեղեակ չէ, որ 1992-ին Քոնկրեսին կողմէ «Ազատութեան աջակցութիւն»՛ հռչակագիր մը (907-րդ բանաձեւ) վաւերացուած էր, ուր յստակօրէն կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է արգիլեն ազրպէյճանական բանակին զինուորական կամ այդ բնագաւառին հետ կապ ունեցող ապրանքներու վաճառքը:

Դժբախտաբար այդ օրէնքը չի կիրարկուիր, եւ Ռուսիայէն կատարած գնումներու կողքին, Պաքու նաեւ կը սպառազինուի Միացեալ Նահանգներէն: Եւ դեռ աւելի՛ն. պէտք է նշել Պոլթընին մէկ արտայայտութիւնը` Հայաստանին զէնք վաճառելու ամերիկեան պատրաստակամութեան մասին:

Այս կատարուած իրողութեան լոյսին տակ Ճուլիանի Հայաստան կատարած այցելութեան իր գեղգեղանքին մէջ եզրակացուցած է, թէ աշխարհի վրայ չկայ այլ ազգ, որ ունենայ մարդկային արժանապատուութիւնը պաշտպանելու ուժ եւ արժէքներ, որքան` ամերիկացիք:

Ընթերցողին կը մնայ այս ռազմավարութիւնն ու ռազմագիտութիւնը գնահատելը, կամ աւելի ճիշդ` քննադատելը: Մինչ այդ, արդէն իսկ  Անգարա-Պաքու-Թեհրան եռեակը շտապօրէն գործի լծուելով` ստորագրած է տարածաշրջանէն ներս համագործակցութեան  հռչակագիր մը:

Ստացուած Գիրքեր. «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին» (Հեղինակ` Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մոնրէալի մէջ 2018-ին լոյս տեսաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին» գիրքը, բաղկացած` 217 էջերէ: Գիրքին հրատարակութիւնը իրականացած է Լոս Անճելըսի «Արարատ» տան Էսքիճեան թանգարանի մեկենասութեամբ, որուն հեղինակը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ: Հարպոյեան գիրքը ձօնած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած իր հօր ու մօր` Թորոս եւ Մարթա Հարպոյեաններուն:

Գիրքը կը բացուի Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի օրհնութեան խօսքով:

«Խղճի պարտք մը» խորագիրով հանդէս կու գայ Սարգիս Մահսէրէճեան: Ան կ՛ըսէ, որ բժշիկ Կարպիս Հարպոյեանի այս հատորը ամէն բանէ առաջ խղճի պարտք մըն է, հատուցուած` հայ փաղանգի մը, որ իր կեանքով վճարեց թուրք ցեղասպանին, իսկ եթէ եղան վերապրողներ, պատմական ոճիրին հետքերն ու մորմոքը կրեցին ցմահ` պահանջատիրական ու արդար հատուցման անժամանցելի պատգամ մը փոխանցելով յաջորդ սերունդներուն` դատին ժառանգորդներուն, նահատակուած ու վերապրող փաղանգին անդամները հայ բժիշկներ, դեղագործներ ու մէկ խօսքով` մարդոց կեանքի փրկութեան ու ցաւերուն ամոքումին լծուած առաքեալներ էին, որոնք բարիք կը բաշխէին առանց խտրութեան:

Մահսէրէճեան կը շարունակէ ըսելով, որ հատորը աղաղակող դատապարտանք է Թուրքիոյ պետական պատասխանատուներուն ու մանաւա՛նդ հասցէին, այն թուրք բժիշկներու, որոնք ծրագրեցին Ցեղասպանութիւնը:

Նախաբանին մէջ Հարպոյեան կ՛ըսէ, որ հայ բժիշկները, ատամնաբուժները եւ դեղագործները, իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն ընտրանիին մաս կազմող փաղանգ մը, չխնայեցին հայ բժիշկներու դասուն: Թուրք բժիշկները դարձան առաջին մեղսակիցները հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու սպանութեան: Հարիւրաւոր հայ բժիշկներ, ատամնաբուժներ եւ դեղագործներ նահատակուեցան, ուրիշներ հիւանդանոցներու մէջ ծառայութեան ընթացքին ժանտախտէ վարակուեցան ու մահացան: Իսկ շատեր, ապրելէ ետք Ցեղասպանութեան գողգոթան, նախախնամութեան կարգադրութեամբ վերապրեցան, ցրուեցան աշխարհի չորս ծագերը ու շարունակեցին իրենց բժշկական առաքելութիւնը` հանդէպ ողջ մարդկութեան:

Հարպոյեան կ՛ըսէ, որ Ցեղասպանութենէն առաջ հայ բժիշկները յանձն առած են կարեւոր պաշտօններ Պոլսոյ կայսերական վարժարանին եւ զինուորական բարձրագոյն հիւանդանոցներուն մէջ: Անոնք բերած են իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը թրքական բանակի բժշկական ծառայութեան եւ օսմանեան կայսրութեան բժշկական վերելքին: Հայ բժիշկներէն շատեր ղրկուած են կռուի դաշտ` ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան: Անոնցմէ շատեր գործած են իբրեւ թաղապետական բժիշկներ: Մեծ թիւով հայ բժիշկներ արժանացած են պետական բարձրագոյն շքանշաններու եւ բարձր  պատիւներու` օսմանեան հայրենիքին նկատմամբ իրենց ծառայութեան համար:

Հեղինակը կ՛ըսէ, որ երդմնադրուժ թուրք բժիշկներ իրենց արիւնարբու ձեռքերով խողխողեցինն հայրենիքին նուիրեալ հայ բժիշկները եւ եղան դահճապետները իրենց գործակից, պարտաճանաչ հայ արհեստակիցներուն: Ջարդարար թուրք բժիշկները առաջնորդուեցան մոլեռանդ ազգայնամոլութեամբ եւ կծու նախանձով: Բժիշկները Նազըմ եւ Պէհաէտտին Շաքեր հիմնական դերակատարութիւն ունեցան հայկական ջարդերու կազմակերպումին եւ գործադրութեան մէջ:

Կարգ մը թուրք բժիշկներ սուտ բժշկական վկայագիրներ տուած են նահատակուած հայերու անունով: Ուրիշ թուրք բժիշկներ անմարդկային եւ հրէշային անդամահատումներ կատարած են` հայ աղջիկներու: Թուրք ակնաբուժներ, փոխանակ դարմանելու իրենց ներկայացած հայ հիւանդներուն աչքերը, այնպիսի դեղեր գործածած են, որոնք տեսողութեան կորուստ պատճառած են:

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, նահատակուած են 198 բժիշկ, 16 ատամնաբուժ, 100 դեղագործ եւ 2 անասնաբուժ: Նահատակուողներուն ընդհանուր թիւը եղած է 316:

Ժանտախտէ մահացած են 54 բժիշկ, 4 ատամնաբուժ եւ 21 դեղագործ: Ժանտախտէ մահացածներուն ընդհանուր թիւը եղած է 79:

Վերապրած են 71 բժիշկ, 17 դեղագործ, 7 ատամնաբուժ եւ 2 անասնաբուժ, վերապրողներուն ընդհանուր թիւը եղած է 97:

Հարպոյեան ներկայացուցած է նահատակուած, ժանտախտէ մահացած եւ վերապրած բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն անունները եւ ամփոփ կենսագրութիւնները:

Հարպոյեան կ՛եզրափակէ` ըսելով որ վիճակագրութիւները ամբողջական չըլլալով հանդերձ կը ցոլացնեն բժշկական ասպարէզին մէջ գործող հայ հանճարի եւ հայ մտքի կորուստին ահաւորութիւնը:

 

 

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live