Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Խաչի Յարգանք, Խաչակնքուիլ Եւ Խորհուրդը

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Բազմաթիւ քրիստոնեայ ազգեր մեր ժողովուրդը կ՛անուանեն «ԽԱՉԱՊԱՇՏ» ժողովուրդ այո՛, շատ ճիշդ է, մենք խաչապաշտ ժողովուրդ ենք, որովհետեւ մեզի համար «ԽԱՉԸ» սրբութիւն է, փրկութիւն, արդարութիւն, իմաստութիւն, ապաստարան ու չարիքներու եւ վտանգներու դէմ մեր պաշտպանը, մեր վահանն է:

Մենք օրը, աշխատանքը, ճաշը, ճամբորդութիւնը եւ այլ բաներ կը սկսինք խաչակնքելով: Եկեղեցի մուտք գործելու եւ եկեղեցիիէն դուրս ելլելու ատեն, անկողին մտնելու ատեն, մենք մեզի վտանգի մը, չարիքի մը, աղէտի մը, փորձանքի մը դէմ յանդիման գտնուած զգալու ատեն կը խաչակնքենք: Մենք  կը պաշտենք ոչ թէ խաչին ֆիզիքական երեւոյթը, խաչին ձեւը եւ կամ խաչ առարկան, այլ կը պաշտենք խաչին սուրբ խորհուրդը, ան մեզի համար  մեր Տէրը, Աստուածը կը խորհրդանշէ:

Մարդկային կեանքի պատմութեան մէջ խաչակնքման սովորութիւնը այնքան հին է, որքան` քրիստոնէութիւնը եւ յատուկ է բոլոր ուղղափառ եկեղեցիններուն:

Հին ատեն, Հռոմէական կայսութեան ժամանակ խաչը կը համարուէր անարգ մահուան, նախատինքի, չարչարանքի միջոց:

Քրիստոս գամուելով խաչին վրայ` մեր փոխարէն յանձն առաւ մահը եւ իր զօրութեամբ մահուան գործիքը վերափոխեց յաւիտենական կեանքի խորհրդանիշի:

Խաչը մեզի համար կը կոչուի փրկութիւն, սրբութիւն, արդարութիւն եւ իմաստութիւն:

Քառաթեւ ձեւով խաչը մեզի համար կը խորհրդանշէ Քրիստոսի չորս բարերարութիւնները: Խաչի վերի մասը ցոյց կու տայ «երկինքի արքայութեան բացուիլը», ներքեւի մասը` «դժոխքի աւերումը», աջ կողմը` «շնորհներու բաշխումը», իսկ ձախ կողմը` «թողութիւն»-ը:

Քառաթեւ  խաչը կը խորհրդաշնէ նաեւ չորս առաքինութիւնները: Վերի մասը նշան է սիրոյ, վարի մասը` խոնարհութեան, աջը` հնազանդութեան, իսկ ձախը` համեստութեան:

Մենք կը խաչակնքուինք հետեւալ ձեւով. նախ կը միացնենք մեր աջ ձեռքի բութամատը, ցուցամատը եւ միջնեմատը, մեր աջ ձեռքի ճկոյթը եւ մատնեմատը միասին կը սեղմենք դէպի մեր ափը, այս կը խորհրդանշէ Քրիստոսի կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ ըլլալը: Մեր աջ ձեռքը նախ կը տանինք մեր ճակատին` ըսելով «Յանուն Հօր», յետոյ մեր աջ ձեռքը վար իջեցնելով` կը տանինք մեր կուրծքին վարի մասը ըսելով` «եւ Որդւոյ», մեր աջ ձեռքը կը տանինք մեր կուրծքին ձախ կողմը ըսելով` «եւ Հոգւոյն», ապա կուրծքին աջ կողմը` ըսելով, «Սրբոյ» (ռուսերը եւ յոյները ձեռքը հակառակ կողմ կը տանին) եւ մեր աջ ձեռքի մատները բանալով, կը դնենք մեր սրտին վրայ:

Խաչակնքուելու ատեն հարկաւոր է մեր գլուխը քիչ մը դէպի վար ծռելով խոնարհիլ, որ կը նշանակէ Աստուծոյ կամքին մեր հնազանդութիւնը եւ հպատակութիւնը յայտնել:

Մենք  կը խաչակնքուինք  «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» ըսելով:

Այս խօսքերով ամէն անգամ մենք կ՛արտայայտենք մեր հաւատքը Ս. Երրորդութեան եւ մէկ աստուածութեան հանդէպ:

Խաչի նշանով մենք կ՛արտայայենք նաեւ մեր հաւատքը Տիրոջ մարդեղութեան եւ փրկագործութեան հանդէպ:

Երբ  կը խաչակնքենք մեր աջ ձեռքը վերէն  վար իջեցնելով, ապա ձախէն աջ տանելով` կը յիշենք, որ Աստուած երկնքէն  երկիր իջաւ եւ մարդիկ ձախէն դէպի աջ տարաւ, այսինքն` խաւարէն դէպի լոյս, մահէն դէպի կեանք:

Աղօթելէն, ճաշի, գործի սկսելէն առաջ, եկեղեցի մտնելու եւ եկեղեցիէն դուրս ելլելու  ատեն կը խաչակնքենք եւ կը յիշենք խաչը: Այս յիշողութիւնը մեզի կու տայ հոգեւոր մեծ օգուտ եւ զօրութիւն:

Ըստ Գրիգոր Տաթեւացիի, երբ խաչակնքուելու ատեն մեր ձեռքը վեր կը բարձրացնենք, ըսել կ՛ուզենք, որ մեր միտքը եւ էութիւնը գամուած է խաչին վրայ եւ թող ասկէ ետք Քրիստոսի միտքը գրաւէ մեզ:

Երբ մեր աջ ձեռքը կը տանինք մեր կուրծքի ներքեւի մասը, կ՛ուզենք ըսել, որ մեր մարմինը չէ, որ պիտի թելադրէ մեզի, այլ Քրիստոս կը թելադրէ իր կամքը մեզի:

Ձախ եւ աջ տանելով մեր ձեռքը` կ՛ուզենք ըսել, որ մեր ձեռքերն ալ նոյնպէս խաչուեցան, որոնք չար գործելու համար արդէն անպիտան են եւ միայն բարին պիտի գործեն: Մեր մատները բացած ձեռքը տանելով դէպի մեր սիրտ ըսելով «Ամէն»` կը հաստատենք, որ մենք այդ բոլորին համաձայն ենք:

 

 

 


Հայ Մօր Մը Փորձառութիւնները` Զաւկին Ինքնութեան Կազմաւորման Ընթացքին

$
0
0

ԿԱՐԻՆ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ

Վանքուվըր-Երեւան երկու հանգրուաններով թռիչքը անհամեմատօրէն երկար էր եւ` յոգնեցուցիչ. այնպէս որ, չէի սպասեր, որ մեր էջքէն ետք 6-ամեայ տղաս արթնամիտ ըլլայ արձագանգելու որեւէ խօսակցութեան կամ պատկերի:

Սակայն առաւօտուն, «Զուարթնոց» օդակայանէն Երեւան մեկնած ատեն, երբ մայրուղիին վրայ առաջին անգամ Արարատը իր վեհութիւնը յայտնեց մեզի` «Մամի՜, Արարատ՜ը… ասի իրական է, իրական…», հիացմունքով բացագանչեց Վարագը:

Կ՛ենթադրէի, որ ան Արարատը տեսած ատեն որոշ հիացմունք ունենայ, բայց բնաւ չէի սպասեր, որ փոքրիկ թաթիկներով բերանը գոցած, աչուկները կլորցնելով` պիտի սքանչանայ: Ասիկա նախ կը նշանակէր, որ երբ տունը Արարատ կը գծէր ու կը ներկէր, մանուկին երեւակայութեան մէջ իսկապէս պատկերը տեղ գտած էր. երկրորդ, անոր այս հրճուանքը տեսնելով, մեղքս ի՛նչ պահեմ, ուրախութեան եւ գոհունակութեան խոր զգացում մը ունեցայ:

Իր ծնունդէն ի վեր տղուս աճին մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւիմ: Բոլոր մայրերը գիտեն, թէ իրենց մանկիկին բոլոր «առաջին անգամ»-ները որքան կարեւոր անկիւնադարձեր են եւ տան մէջ` մեծ ուրախութիւն: Առաջին ժպիտը, առաջին բառը, առաջին քայլը, առաջին նախադասութիւնը… Այս բոլորը` շա՛տ լաւ. բայց իմ թաքուն փափաքս այլ էր: Արդեօք Վարագը ե՞րբ առաջին անգամ իր հայ ըլլալը պիտի դրսեւորէր, կամ արդեօք այդպէս բան կա՞յ. երեխաներու ինքնութիւնը ե՞րբ կը դրսեւորուի:

Բայց պէտք է ըսեմ, որ հակառակ որոշումիս, որ մանուկին ուղեղը «հայկականութեամբ» պիտի չողողեմ մինչեւ 5-6 տարեկան, Վարագը հազիւ 2 տարեկան` մեզ զարմացուց: Երբ կիրակի մը Վանքուվըրի Հայ կեդրոնը ուղղուած ատեն, հեռուէն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին նկատելով, մատիկը բարձրացուցած, մանկունակ թոթովանքով ու շեշտով մը ինքնաշարժին ետեւի աթոռէն բացագանչեց. «Մամի՛, ասի Հայաստանն է»: Յակոբն ու ես շշմած իրարու նայեցանք, ապա բաւական մտածեցինք, թէ ե՛րբ մեր երկամեայ երեխան այսքան տպաւորած ենք Հայաստանով: Չկրցանք մատնանշել որոշակի պահ մը, կամ` խօսակցութիւն մը:

Ժամանակ մը ետք դարձեալ մտահոգութեան մէջ էինք: Երբ Վարագը 3-4 տարեկան եղաւ եւ սկսաւ, նման` միւս մանուկներուն, շուկայականացած իր «հերոսները» գնել եւ անոնց պատմութիւններուն ծանօթանալ: Արդէն լեզուն բացուած էր, իր խաղալիքներուն հետ անգլերէն կը խօսէր: Սարդէ մարդը, գերմարդը եւ չղջիկ մարդը քովքովի շարած անոնց ցուցմունքներ տալը, անոնց հետ իր երեւակայական կռիւներն ու երկխօսութիւնները միշտ անգլերէն էին: Տան մէջ, ականջս միշտ իրեն տուած, իր մանկական խաղերուն կը հետեւէի` միշտ կառչելով իմ սկզբունքին, որ «հայ ենք, հայերէն խօսէ» պիտի չըսեմ կամ ժամանակէն առաջ մանուկին պիտի չբռնանամ հայերէնախօսութեամբ, երբ բնական տուեալները չկան միշտ հայերէն արտայայտուելու: Օր մըն ալ չդիմանալով` հարց տուի.

– Վարագ, ինչու հայերէն չես խօսիր սփայտըրմենին եւ սուփըրմենին հետ:

– Մամի՛, ասոնք հայերէն չեն գիտեր, ըսաւ ցոյց տալով առջեւի խաղալիքները:

– Բայց դուն խօսէ՛, քեզմէ կը լսեն, կը սորվին, յարեցի:

– Չէ՜, անհանգստացած ըսաւ` չընդունելով առաջարկս:

Կարծես զիս գոհ պահելու համար լուծում մը տուաւ հարցիս.

– Բայց կրնան հետս Հայաստան երթալ:

Ժամանակը անցաւ եւ Վարագի անգլերէնն ալ զօրացաւ: Նախադպրոցական դասարանին մէջ հայերէնը սկսաւ նահանջել: Եթէ սկիզբը հայերէն բառապաշարը լայն էր, հիմա անգլերէնի դիւրին բառերը սկսան դուրս քշել դեռ ուղեղին մէջ չարմատաւորուած հայերէնը: Հայերէնի հագագային բաղաձայնները եւ երկար բարդ բառերը տեղի տուին անգլերէնի դիւրութեամբ արտաբերուող ձայնաւորներուն եւ կարճ, «երաժշտական» բառերուն դիմաց:

Համբերութիւն կ՛ուզէր երբեմն անգլերէնը լսել, թարգմանել, երբ չէր ուզեր հայերէն պատասխանել կամ կրկնել թարգմանութիւններս:

– Մամա՛, այսօր լանչին քերըթ կ՛երանք:

– Ուրեմն ստեպղին կերաք կէսօրին, տղա՛ս:

– Մա՛մ, այսօր օրիորդ Ճանսընը շատ սետ էր:

– Ի՞նչու տխուր էր, հոգի՛ս:

– Պա՛պ, պառերուն վրայ լաւ քլայմպ կ՛ընեմ:

– Ապրի՛ս, տղա՛ս, ձողերուն վրայ լաւ կը մագլցիս:

Օր մըն ալ, իր ննջարանի գրադարանը կոկած ատեն, հայերէնի գիրքը ձեռքը, դուրս եկաւ` ըսելով. «Մա՛մ, ասի ա՛ռ, հոս չի պատկանիր»: Սարսափած` երեխային նայեցայ, որ թէեւ (հայերէնի այնքան ճշգրիտ գործածութեամբ) անմեղունակ որոշում մը տուած էր պարզապէս իր գրադարանին տեսքին միատեսակութիւնը պահելու համար, սակայն զիս, նախապաշարուած անձս, սահմռկեցուց:

Անմիջապէս առանձնացանք եւ խօսեցանք, որ եթէ մենք հայերէն գիրքը տունէն ներս չպահենք, մէկը իրեն տեղ պիտի չտայ իր գրադարանին մէջ, եւ եթէ հայերէն չսորվինք, ուրիշ մէկը պիտի չսորվի: Մենք ենք տէրը մեր լեզուին: Ատկէ ետք, եթէ մոռնամ գիշերները հայերէն դասի նստելու, Վարագը ինծի կը յիշեցնէ. «Մա՛մ, հայերէն չըրինք այսօր…»:

Այս ընթացքին համոզում ունէի երկու հարցի շուրջ.

– Վարժութիւնը, կրկնութիւնը պիտի յաղթեն (repetition is the mother of all skills): Իսկապէս ալ, նոյնիսկ եթէ Վարագը անգլերէն կը խառնէ հայերէն խօսած ատեն, իր մտքերը կրնայ հայերէնով արտայայտել: Երբ հայախօսներու մէջ ըլլայ, բառերը բնականաբար կը վերյիշէ:

– Ինքնութիւնը աւելի կարեւոր է. ես ո՞վ եմ, ո՞ր խումբին կը պատկանիմ, աւելի կարեւոր գոյութենական հարցեր են հայ զգալու համար, քան` լեզուի իմացութիւնը: Նոյնիսկ եթէ հայախօսութիւնը չստացուի, Վարագը հայ պիտի զգայ ինքզինք: Համացանցային այս դարաշրջանին պատկանելիութեան զգացումը աւելի կարեւոր է:

Եթէ լեզուն առօրեայ վարժութիւն եւ աշխատանք է, ապա ինքնութիւնը կը կազմուի կամաց-կամաց, քայլ առ քայլ. չսպասած մէկ խօսքդ, չակնկալած մէկ պահը խոր դրոշմ կը ձգեն մանուկին մտքին ու հոգիին մէջ եւ կ՛որոշեն անոր ինքնութեան նախատիպը:

Այսուհանդերձ, լեզուն անհրաժեշտ է որեւէ հաւաքականութեան մէջ համարկուելու համար: Ընկերաբաններ զայն գլխաւոր նախապայմանը կը նկատեն` ազգային ինքնութեան կազմաւորման:

Կը հաւատամ, որ առանց լեզուն իմանալու` կարելի չէ պատկանելիութիւն զգալ լիովին: Առանց լեզուն եւ մշակոյթը իմանալու` կարելի չէ ընկալել հաւաքականութեան մը հոգեմտաւոր աշխարհը: Կը նմանի լողալ ուզելուն, բայց ծովուն հեռուէն դիտելուն:

Վարագին ուշի ուշով կը հետեւէի այս ամրան Հայաստան մեր այցելութեան ընթացքին: Առաջին անգամ երբ Սարեանի տուն-թանգարանը մտանք, հիացած կը դիտէր Վարպետին գծագրութիւնները` հաշուելով, թէ քանի՛ անգամ Արարատը կ՛երեւի անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Կամ Արցախի մէջ «Տատիկ եւ պապիկ» կոթողը գրկելը եւ կամ` դէպի Սասունցի Դաւիթի արձանը սրընթաց վազելը եւ խանդավառութիւնը… փորձառութիւններ, որոնք խոր դրոշմ պիտի ձգեն իր ինքնութեան վրայ: Այն բոլոր պահերը` հայերէն երգ մը միասին երգելը, հակառակ իր դժկամութեան` առտու կանուխ եկեղեցի երթալը, կամ քնանալէ առաջ հայկական աւանդավէպի մը մասին պատմութիւն լսելը, կը կազմեն բաղադրիչները ինքնութեան կառուցուածքին:

Մանկավարժները կ՛ըսեն. «Մի՛ թելադրեր. այլ ցոյց տուր»: Մանուկը տպաւորելու, բան մը սորվեցնելու լաւագոյն ձեւը կենդանի օրինակով ցոյց տալն է եւ ոչ թէ` թելադրելը:

Ես չեմ յաւակնիր հաւաստիացնելու, որ ասիկա լաւագոյն ձեւն է հայ մանուկ մը հայ պահելու, ոչ ալ գիտեմ, ապագան ի՛նչ պիտի բերէ, թէ 6-ամեայ զաւակս ինչպէ՛ս պիտի դրսեւորուի ապագային: Միայն կրնամ ըսել, որ ճամբան դեռ երկար է…

Անցեալ օր, երբ իրեն գաղափարի մը ընկալումը դիւրացնելու համար անգլերէն եզր մը գործածեցի, ինծի դառնալով` ըսաւ.

– Մա՛մ, հայերէն խօսէ…

 

 

 

Ակոբ Գանլէճեանի Լուսանկարներու Անհատական Ցուցահանդէս

$
0
0

Երկուշաբթի, 22 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Ռոշան» ցուցասրահին մէջ «Սայֆի վիլէյճ» տեղի ունեցաւ Ակոբ Գանլէճեանի 27 սեւ-ճերմակ լուսանկարներու անհատական ցուցահանդէսին բացումը:

«Ազդակ»-ի հետ իր  ունեցած զրոյցի ընթացքին արուեստագէտը յայտնեց, որ ցուցադրուած լուսանկարները 4-5 տարուան աշխատանք են եւ աշխատցուած են աւանդական ձեւով, այսինքն` հին լուսանկարչական գործիքներով, սեւ-ճերմակ ժապաւէններով, եւ տպագրութիւնները ձեռքով եղած են, ոչ թէ` տպագրիչ մեքենաներով: Անդրադառնալով ցուցադրուած լուսանկարներու թեմային` Ակոբ Գանլէճեան նկատել տուաւ, որ անոնք կը խօսին ժամանակի ընբռնողութեան մասին, աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր լուսանկար երկվայրկեան, վայրկեաններ եւ նոյնիսկ ժամ կը ներկայացնէ:

Լուսանկարներուն մէջ արհեստագիտութիւնը չկայ, այլ բնական աւանդական գործեր են` 60-50, 40-30 չափերով, իսկ հատ մըն ալ 3 մեթր, որ կը ներկայացնէ ամպի մը շարունակական պատմութիւնը: Լուսանկարներու հաւաքածոն կը ներկայացնէ ծաղիկներ` իրենց տարբեր ժամանակներով եւ ընթացքով: Արուեստագէտը բացատրեց, որ 2013-ին լուսանկարած ծաղիկներու փունջ մը նոյն ձեւով նկարած է 2015-ին, երբ անոնք արդէն չորցած են, իսկ 2018-ին նոյն նկարը վերամշակած է` զայն տեղադրելով մութ սենեակի մը մէջ եւ իրենց լոյսով ստեղծագործած է արուեստը:

Յայտնենք, որ սոյն ցուցահանդէսը Ակոբ Գանլէճեանին առաջին անհատական ցուցահանդէսն է: Ան մասնակցած է զանազան հաւաքական ցուցահանդէսներու, ինչպէս նաեւ 2015-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով իր մասնակցութիւնը բերած է «Ֆարրա» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցած հաւաքական ցուցահանդէսին:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 31 հոկտեմբեր եւ բաց է ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-1:30 եւ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-6:00, իսկ շաբաթ օրերը` առաւօտեան ժամը 10:00-1:30:

Պատուաբեր Արդիւնք

$
0
0

Գոհունակութեամբ իմացանք, որ Տիգրան Մկրտչեանը` Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տէր եւ տիկին Սամուէլ Մկրտչեանին զաւակը, բնագիտութեան մէջ ձեռք բերելով գերազանց արդիւնքներ` արժանացած է պետական պարգեւի: Տ. Մկրտչեանը բնագիտութեան մագիստրոսական աստիճանի նուաճման բացառիկ արդիւնքներով կ՛արժանանայ կրթական մարզի բարձրագոյն պարգեւին:

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան անձնակազմը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Տիգրան Մկրտչեանն ու իր ծնողները` կրթական մարզի բարձրագոյն պետական պարգեւին առիթով: «Ազդակ» եւս կը միանայ շնորհաւորանքին:

Ակնարկ. Պոլթընի Ակնարկած «Ներկայի Հանգամանքներ»-ը

$
0
0

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդականին այցելութիւնը տարածաշրջան, իր երկրին եւ բնականաբար Երեւանի, Պաքուի ու Թիֆլիսի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման կը միտէր, եւ` այդ երկիրներուն ուղղակի կամ անուղղակի ուղերձներ փոխանցելու:

Հայկական գործընթացները արգելակած հանգոյցներու լուծման բանալին, Պոլթընը կը բնութագրէր իր հետեւեալ միտքով.

«Ամերիկեան տեսանկիւնէն, որքան աւելի ուժեղ է ժողովրդավարութիւնը, այդքան աւելի մեծ է կարելիութիւնը կապ հաստատելու Միացեալ Նահանգներու եւ նոյն արժէքները կրող այլ երկիրներու հետ:

«Եթէ խնդիրը այն է, որ ընտրութիւն պէտք է կատարել ռուսական եւ ամերիկեան ռազմամթերքին միջեւ, ապա ամերիկեանը աւելի որակեալ է: Անհրաժեշտ է, որ Երեւանը դիտարկէ այդ հնարաւորութիւնը` այն առումով, որ այդ պարագային կ՛աւելնան հնարաւորութիւնները մէկ գերտէրութենէ կախեալ չըլլալու: Հակառակ աշխարհագրական դիրքին եւ պատմական իրողութիւններուն կապուած հարցերուն, ժամանակն է լաւատես ըլլալու, որ Հայաստանը կրնայ աւելի տեսանելի ըլլալ համաշխարհային ասպարէզին մէջ:

«Ներկայիս հանգամանքները կ՛ընդգծեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ փոխադարձ համաձայնութեան հասնելու կարեւորութիւնը: Համաձայնութիւն գոյանալու պարագային, կը բացուի հայ-ազրպէյճանական սահմանը: Նաեւ` Թուրքիոյ հետ սահմանը: Ինչ կը վերաբերի Վրաստանի հետ սահմանին, ապա անիկա եւս աւելի նուազ անհանգստութիւն կը պատճառէ, եթէ ռուսերը ճնշում չգործադրեն այդ ուղղութեամբ»:

Քաղաքական յատուկ ընթերցումներու կարիք չկայ ընկալելու համար ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարին փոխանցած ուղերձներուն բովանդակութիւնը:

Այսպէս. ժողովրդավարացման ներկայ ընթացքը ողջունելի է Ուաշինկթընի համար. ինչ որ նաեւ պիտի նպաստէ Ուաշինկթընի եւ Ուաշինկթընի բնորոշումով ժողովրդավար երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման:

Ռուսական կախեալութիւնը հաւասարակշռելու համար Երեւանը սպառազինութեան շուկային հանդէպ անհրաժեշտ է իր հայեացքը կեդրոնացնէ ամերիկեան միջավայրին վրայ, ուրկէ աւելի որակեալ սպառազինութիւն կրնայ ստանալ, հակառակ անոր որ 907 յօդուածը կը սահմանափակէ հակամարտող կողմերուն զէնքի վաճառքի քանակը:

Սակայն, Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման հիմնական ուղին մատնացոյց կ՛ըլլայ վերջին միտքին մէջ: Ներկայի հանգամանքները կը յուշեն, որ Արցախ-Ազրպէյճան տագնապի հանգուցալուծման անհրաժեշտութիւնը, բանալին`  Երեւան-Պաքու եւ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու բնականոնացման:

Այստեղ կայ արցախեան հարցով  թուրք-ազրպէյճանական նախապայմանային մօտեցումներու պատճէնահանում կամ երկու հիմնահարցերու փոխկապակցուածութեան ընդգծում: Համեմատական դրականը հաւանաբար այն է, որ Պոլթընը չի կրկներ պաշտօնաթող դեսպան Միլզին պատկերացուցած Արցախի տագնապի լուծման համար անխուսափելիութեան գործօնի տեսութիւնը:

Ծխածածկութաւոր բաժինը Պոլթընի  օգտագործած «ներկայի հանգամանքներ» ըսելաձեւն է: Որովհետեւ հարցերու լուծման փոխկապակցուածութիւնը կամ Ռուսիայէն ապակախեալութեան անհրաժեշտութեան յիշեցումը նոր հանգամանքներ չեն: Նորը հաւանաբար մեր երկրի մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակն է, զոր Պոլթըն կը կապէ Արցախազրապէյճանական տագնապի լուծման ենթահողին:

Իսկ այս հարցով պաշտօնական Երեւանը ո՛չ միայն վերահաստատած է նախապէս հրապարակուած դիրքորոշումները, այլ նաեւ շեշտած ո՛չ միայն պաշտօնական Ստեփանակերտի ներգրաւուածութիւնը բանակցային գործընթացին, այլ նաեւ արցախահայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հանրաքուէով դրսեւորելի կամարտայայտութիւնը` Արցախի հարցի լուծման համաձայնելի տարբերակին:

 «Ա.»

Ընկերուհի Նատիա Ինճէեան-Թաթիկեանի յիշատակին

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Փեթակէն
մեղր կը ծորայ,
տեսէք` ինչպէ՛ս կը հոսի
փեթակի խոցուած սրտէն,
ինչպէս` արցունքներ սուգի:
Մեղրախորիսխ մը բեղուն,
մեղրախորիսխ մը շէն`
կախ է, կարծես կը խոնարհի,
իր գեղեցիկ ածուները հիւսած`
աշխատասէր մեղուին դիմաց.
մինչ ազնիւ մեղուն կը վերանայ
թեւերով հրեշտակի,
անվերադարձ
ակամայ`
մեղուն
Բարի…

Թրոնոթօ – Քանատա

 

 

 

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. Հայաստանը` Ուսուցիչներու Հանրապետութիւն

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչակազմին մասին վերլուծում կատարող մտաւորական, որ ծանօթ է ՀՅ Դաշնակցութեան փիլիսոփայութեան վերլուծական իր հատորով,  փիլիսոփայութեան դոկտոր Ե. (Երուանդ) Ֆրանգեան (1878-1928) հետեւեալ ուշագրաւ ու այժմէական, ուսանելի յօդուածը գրած է «Յառաջ»-ի 30 նոյեմբեր 1919-ի թիւին մէջ (1), արեւմտահայերէնի վերածուած:

Երուանդ Ֆրանգեան

«Յառաջ» 30-11-1919

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛որակեն իբրեւ հայ ուսուցիչներու հանրապետութիւն:

«Բնորոշումը ճիշդ է, բայց ասոր մէջ հեգնական կամ վարկաբեկիչ բան չկայ, ինչ շեշտումով, որ կ՛ուզեն ատիկա հաղորդել մեր հասարակութեան որոշ տարրերը, որոնք անբարեացակամ վերաբերում ունին դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւնը, մանաւանդ` դէպի ներկայ կառավարութիւնը (Ալեքսանտր Խատիսեանի, 7 օգոստոս 1919-էն 5 մայիս1920):

«Ճիշդ է, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարները երէկուան ուսուցիչներն են, կառավարութեան գլուխը կանգնած են ուսուցիչներ, խորհրդարանին մէջ նստած են ուսուցիչներ, նախարարութիւններուն մէջ կարեւոր պաշտօններ կը վարեն ուսուցիչներ… Մէկ խօսքով, Հայաստանի Հանրապետութեան բովանդակ հասարակական եւ քաղաքական-պետական կեանքը կը գտնուի երբեմնի ուսուցիչին ձեռքը:

«Այս երեւոյթը ամէն տեսակէտներով բնական է, անխուսափելի եւ իրերու զարգացման տրամաբանական հետեւութիւն:

«Այս երեւոյթը հասկնալու եւ գնահատելու համար անհրաժեշտ է լուրջ ուշադրութեան յանձնել մէկ իրողութիւն` այն, որ հին կարգերուն, ռուսական միապետական դրութեան միջոցին հայ մտաւորականութեան, մանաւանդ անոր լաւագոյն եւ յեղափոխական տարրին համար բոլորովին անմատչելի էին պետական պաշտօնները: Հայ գաղափարական մտաւորականին համար գործունէութեան այլ ասպարէզ քան ուսուցչութիւնը` գոյութիւն չունէր: Վերյիշեցէք մեր քաղաքական եւ մտաւոր-հասարակական վերածնիչներու` վերազարթնողներու անունները, աչքէ անցուցէք հայ ականաւոր վիպասաններու եւ թատերագիրներու, բանաստեղծներու եւ հրապարակագիրներու, գաղափարական իրաւաբաններու եւ բժիշկներու շարքերը, եւ դուք կը համոզուիք, որ անոնց մեծ մասը` գրեթէ 95 տոկոսը ուսուցիչ եղած է: Հազիւ թէ կարողանաք մատնանշել գաղափարական մտաւորական մը, որ բնաւ ուսուցիչ չէ եղած:

«Հայ կեանքի առանձնայատուկ կողմերէն մէկն է այս:

«Այս հանգամանքն է ահա, որ միշտ պէտք է նկատի առնենք, երբ կը քննենք եւ կը գնահատենք մեր իրականութեան այս կամ այն երեւոյթը:

«Այստեղ անպայման պէտք է ուշադրութիւն դարձնել նախ մէկ այլ պարագայի` խնդիրի ամբողջական լուսաբանութեան տեսակէտէն. Հայաստանի Հանրապետութիւնը հայ աշխատաւորութեան պետութիւնն է, եւ ինքնին հասկնալի է, որ նման պետութեան մէջ պէտք է ներգործօն, ստեղծագործական եւ ղեկավար դերը պատկանէր հայ աշխատաւոր եւ յեղափոխական մտաւորականութեան:

«Իսկ աշխատաւոր մտաւորականութիւնը, որ ցարդ կը կազմէ հայ մտաւորականութեան միջին եւ ստորին խաւը, կամ, ինչպէս ըսի, կը գործէր հայ դպրոցին մէջ կամ կը կատարէր ստորերկրեայ  յեղափոխական աշխատանք: Հայ բարձր մտաւորականութիւնը տարբեր ուղղութեամբ գացած եւ այլ ձգտումներ փայփայած է, եւ այսօր ան չէր կրնար ըլլալ նոր կարգերու եւ արժէքներու կրողը: Այս ալ յամենայն դէպս հասկնալի է, եւ բնաւ կարիք չկայ յուզուելու եւ ջղաձգութիւններ կատարելու:

«Այս տարրերը կամայ ակամայ պէտք է հաշտուին այն հանգամանքին հետ, որ այսօր մեր իրականութեան տէրը կրնային ըլլալ միայն աշխատաւորութիւնը եւ անոր գաղափարները ձեւակերպող աշխատաւոր մտաւորականութիւնը:

«Անշուշտ ան պետական անհրաժեշտ փորձառութիւն չունի եւ անխուսափելի են որոշ սայթաքումներ, թերութիւններ եւ սխալներ: Բայց այդ բոլորը էական արժէք չունին: Մարդկութիւնը միշտ աշխատանքներու ընդմէջէն հասած է ճշմարտութեան: Այլ ուղի չկայ: Այդ սխալներն ալ անխուսափելի են: Այս է պատմութեան վկայութիւնը:

«Մարդիկ ծնունդով պատրաստի պետական պաշտօնեաներ չեն, անոնք կը մարզուին գործին ընդմէջէն: Մեր պետական կեանքի այս կարճ ժամանակաշրջանը լաւագոյն ապացոյցն է, որ մեր աշխատաւոր մտաւորականութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ ղեկավարները ընդունակ են եւ կարող` պետութեան մը մեքենան խելացի կերպով վարելու:

«Ժամանակամիջոցը շատ փոքր է, իսկ անոնց ձեռք բերած փորձը` անհամեմատ հարուստ: Իսկ այս ամենամեծ եւ հաստատուն երաշխիքն է»:

Ե. Ֆրանգեան» (2), (3)

Ֆրանգեան կը խօսի հազիւ մէկ տարուան ժամանակամիջոցի մը մասին, երբ երկիրը սովահար էր եւ` համաճարակներով վարակուած, հարիւր հազարաւոր գաղթականներուն բնակութիւն եւ ապրուստ կ՛ապահովէր, 50 հազարէ աւելի որբեր կը պատսպարէր եւ հողահաւաք կը կատարէր` ազատագրելով բռնագրաւուած տարածքները: Իսկ այժմու Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 27 տարիները նոյնիսկ բաւարար չեղան կայացած ու բոլոր ենթակառոյցներով ամբողջական` գործող ու բարգաւաճ «պետութեան մը մեքենան խելացի կերպով վարելու» եւ, ընդհակառակը, պատճառ դարձան աւելի քան կէս միլիոն հայրենիքը լքող գաղթականներու:

22 Հոկտեմբեր 2018      

———————————

(1).- «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Ա. տարի, թիւ 59, 3 նոյեմբեր 1919, էջ 1, 2:

(2).- http://am.hayazg.info/ Ֆրանգեան Երուանդ

(3).- http://www.aztagdaily.com/archives/367747տես` Նաթան Պետրոսեանի «Գաղափարական հարցեր. Երուանդ Ֆրանգեան եւ ներկայիս Հայ պատմափիլիսոփայական մտածողութեան մէջ տիրող դատարկութիւնը»:

 

Սահմանադրական Գործընթացը Պէտք Է Պահպանուի Ամէն Գնով

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Կը փորձեմ մօտէն հետեւիլ երկրի իրադարձութիւններուն` գիտնալով հանդերձ, որ քաղաքական ուժերու փոխհաղորդակցութեանց ներկայի թէժ մթնոլորտին մէջ շարք մը կարեւոր նրբութիւններ անպայման պիտի խուսափին մեր հասողութենէն:

Պէտք է յամենայն դէպս ողջունել այն ակնյայտ փաստը, որ այժմ կը գտնուինք քաղաքական փոխյարաբերութիւններու ոլորտին մէջ` ի տարբերութիւն փողոցային առճակատման: Պր. վարչապետն ու իր կուսակցութիւնը ի վերջոյ ընտրեցին խոհեմութեան ճանապարհը եւ տուն ճամբեցին ցուցարարներու զանգուածը. քա՛յլ մը, որ փակուղային էր եւ անպտուղ` իրերու այսօրուան հոլովոյթին մէջ: Անոնք այժմ կը գործեն խորհրդարանական բնականոն բանակցութիւններու հետապնդումով, թէկուզ` ձգտուած մթնոլորտի մը մէջ:

Պէտք է անպայման եւ բծախնդրօրէն պահպանել սահմանադրական այս գործընթացը եւ ժողովրդավարական այս յանձնառութեա՛մբ զինուած` դիմել դէպի հանգուցալուծում: Պիտի խոստովանիմ, որ կարգ մը կողմնակի ակնարկութիւններ կը շարունակեն լսուիլ դիտել տալով, որ վարչապետ Փաշինեան եւ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը տակաւին կը շարունակեն հաւատալ, որ տակաւին իրենց ձեռքերուն մէջ ունին քաղաքական քաոսով գործելու իրենց սկզբնական զէնքը: Այսինքն խորհրդարանին քաոսով սպառնալու մտայնութիւնը դեռ արթուն է: Կ՛ուզեմ աւելցնել, որ պր. վարչապետը` ի՛նք այդպիսի բան չէ ըսած գէթ վերջին օրերու ընթացքին: Բայց եթէ իսկապէս կան այնպիսիները իր շրջանակին մէջ, որոնք դեռ կ՛ապրին այդպիսի ակնկալութիւններով, անոնք պէտք է գիտնան, որ այդ օրերը վերջ գտած են միանգամընդմիշտ: Անոնք, որոնք այդպիսի նախատեսութիւններով կը շարժին, պիտի գիտնան, որ մեր ժողովուրդը արկածախնդիրներու ձեռքին խաղալիք չի կրնար ըլլալ: Ոչ ալ մեր երկրի տնտեսութիւնը` փոշիացման նշաւակ:

Վերջին ցուցանիշները ցոյց կու տան, որ երկրի տնտեսութիւնը արդէն իսկ մեծ գին մը վճարած է այս շարժումին համար: Քաղաքացիական հնազանդութեան իրաւունքը թանկագին իրաւունք մըն է, զոր պէտք չէ չարաշահել, քանի որ նմանօրինակ չարաշահութիւնը տեղի կ՛ունենայ միայն ու միայն ժողովուրդին հաշուոյն եւ ի հեճուկս շարժման նպատակներուն: Հետեւաբար պէտք է յստակ ըլլայ բոլորին, որ փողոցային քաոսով գործելու աշխատելակերպը արդէն սպառած է ինքզինք:

Պր. վարչապետը ունի բանակցութեան մեծ կարողականութիւն Ազգային ժողովէն ներս, բայց ոչ` բանակցային գործընթացը պատանդ վերցնելու իրաւունք եւ կարողութիւն: Արմէն Ռուստամեանի հարցազրոյցը երէկ կը յստակացնէ, որ պր. վարչապետին կողմէ բանակցողները լուրջ թերացման մէջ են այս կէտին վրայ: Յամենայն դէպս անոնք թերացած են Դաշնակցութեան հետ խօսելու իրենց ճիգին մէջ:

Այս հարցերը պէտք է լուծուին ընդփոյթ: Ընտրական օրէնքը պէտք է փոխուի ընդհանուր համաձայնութեամբ: Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները պէտք է կայանան խաղաղ մթնոլորտի մէջ: Սահմանադրութիւնը պէտք է գործէ որպէս ազգային ընդհանուր համաձայնութեան գրաւական: Եւ վերջապէս,  պէտք է ձեւաւորուի նոր գործադիր իշխանութիւն, որ անյապաղ ճամբայ հանէ համակարգային յեղաշրջման նուրբ գործը, որ դեռ մեր առջեւն է: Կը կրկնեմ. մենք դեռ շատ հեռու ենք յաղթանակ յայտարարելու իրաւունքը շահած ըլլալէ: Յեղափոխութիւնը դեռ չէ սկսած,  այնքան ատեն որ դեռ ազատ ու համարձակ կը գործէ մենաշնորհային համակարգը երկրին մէջ,  եւ մեր ժողովուրդի ընկերային կարիքները կը մնան աղաղակող:

23 հոկտեմբեր, 2018
Ուաշինկթըն


Սպարտակ Սէյրանեան. «Եթէ Պատկերասփիւռային Բանավէճեր Տեղի Պիտի Ունենան Քաղաքական Նորաձեւութեան Տուրք Տալու Համար, Սա Ընդամէնը Ձեւականութիւն Է»

$
0
0

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Սպարտակ Սէյրանեանը մտահոգութիւն ունէր ընտրութիւններուն մասնակից քաղաքական ուժերու պատկերասփիւռային բանավէճերուն առնչութեամբ: Դիմելով արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Արտակ Զէյնալեանին` ան ըսաւ. «Օրէնքի նախագիծին մէջ կան դրոյթներ, որոնք կը միտին ընտրական գործընթացը հանրութեան աւելի հասանելի դարձնել, ուստի կուսակցութիւններու գաղափարներուն, մօտեցումներուն իմաստով կարեւոր է, որ այս գործընթացը մտած է պատկերասփիւռային բանավէճերու ձեւաչափ, բայց այստեղ մտավախութիւն մը ունիմ` եթէ պատկերասփիւռային բանավէճեր տեղի պիտի ունենան զուտ քաղաքական նորաձեւութեան տուրք տալու համար, այն ձեւաչափով, որ մինչեւ այժմ տեղի կ՛ունենային, ուրեմն անոնք, ձեւականութենէն բացի, որեւէ բովանդակային հարց պիտի չլուծեն, որովհետեւ պատկերասփիւռի որեւէ ընկերութիւն պէտք չէ որոշէ, թէ ի՛նչ նիւթի շուրջ բանավէճ պիտի կատարեն քաղաքական ուժերը», ըսաւ պատգամաւորը:

Ըստ Սէյրանեանի, այն ժամանակահատուածը, որ տրուած է քաղաքական ուժերուն` պատկերասփիւռային բանավէճի ընթացքին ներկայանալու համար, հազիւ թէ 2-3 նախադասութեամբ կամ կրկնանկարներու միջոցով ծրագիրները ներկայացնելու ծառայէ:

«Ըսածս հետեւեալն է- պատկերասփիւռային բանավէճերը կա՛մ կ՛ըլլան առաջին դէմքերու մասնակցութեամբ, որպէսզի կուսակցութիւնները առաջին դէմքերու մակարդակով կարենան պատասխանել բոլոր հիմնահարցերուն, կա՛մ ալ էապէս կը ձեւափոխուի պատկերասփիւռային բանավէճերու այդ ձեւաչափը, բայց կուսակցութիւններու մակարդակով ձեւափոխուի, որպէսզի որեւէ պատկերասփիւռի ընկերութիւն ու հաղորդավար ինք չորոշէ, թէ կուսակցութիւնները ի՛նչ ձեւով պէտք է մօտենան պատկերասփիւռային բանավէճին», ըսաւ ան:

Նախարարի պաշտօնակատարը յայտնեց, որ այդպիսի մշակոյթ ձեւաւորուած է Արեւմուտքի մէջ, եւ ատիկա աւանդոյթի ուժով կը կատարուի: «Այն, ինչ որ կ՛առաջարկէք, կրնայ իրագործուիլ: Պէտք է քննարկել, թէ որքանո՛վ կարելի է հիմա իրականացնել, ատիկա պէտք է կանոնակարգուի Ընտրական օրէնսգիրքո՞վ, թէ՞ ատոր կանոնակարգումները վերապահուին կառավարութեան կամ Կեդրոնական ընտրական Յանձնաժողովին: Տուեալ պարագային խօսքը կ՛երթայ մէկ բանավէճի մասին, որ պէտք է կատարուի առաջին դէմքերու մասնակցութեամբ: Հիմա, նախքան անցնիլը նման ձեւաչափի` պէտք է քննարկել անոր նպատակայարմարութիւնը», ըսաւ Զէյնալեան:

Ան առաջարկեց, որ պատգամաւորը ներկայացնէ իր առաջարկը, իրենք ալ քննարկեն անոր իրաւական ու թեքնիք հարցերը: «Պէտք է հասկնալ` մեր քաղաքականութեան մշակոյթը կը բաւարարէ՞, որ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները հաւաքուին եւ որոշում կայացնեն, թէ ի՛նչ հարցի շուրջ պիտի ըլլայ բանավէճը, ի՞նչ արգիլուած թեմաներ կան, որոնց մասին պէտք չէ խօսիլ, քանի՞ վայրկեան պիտի ըլլայ հարցադրումը եւ այլն: Ներկայացուցէք առաջարկը, քննարկենք», աւելցուց ան:

Սէյրանեան յայտնեց, որ կը ներկայացնէ առաջարկը, ապա աւելցուց. «Եթէ քաղաքական ուժերը առաջին դէմքով պատկերասփիւռային բանավէճերուն մասնակցելու հարց ունին, այդ պարագային ինչո՞ւ, առհասարակ, ընտրութիւններուն կը մասնակցին, եթէ սեփական կուսակցութեան ծրագիրը ներկայացնելու ինչ-որ կաշկանդում կամ պատրաստուածութեան թերացում ունին»:

Զէյնալեան անգամ մը եւս շեշտեց, որ եթէ առաջարկ ըլլայ, իրենք կրնան զայն քննարկումի օրակարգ դարձնել քաղաքական ուժերուն հետ եւ որոշել` հիմա՞ ընդունիլ, թէ՞ ապագային:

«Ինչպէ՜ս Հայհոյեմ…»

$
0
0

ՌԻԹԱ  ՈՐԲԵՐԵԱՆ

Սոյն վրդովմունքը կու գայ ողբացեալ Պօղոս Սնապեանէն եւ վերնագիրն է իր նոյնանուն վէպին, զոր ան հրատարակեց ներգաղթի առաջին օրերուն, երբ մրցանիշ կոտրող աղմկարարութիւն մը տեղի ունեցաւ եւ դատի առնուեցան Օշականի անձը, ինչպէս եւ անոր գրականութիւնը. «Ըսուեցան անմիտ բաներ: Տպուեցան չգրուելիք բաներ», այս էր մեկնակէտը գրոհին:

Սնապեանին այս վէպը կու տայ հարազատ պատկերը այդ օրերու Պէյրութի եւ Հալէպի դաժան կացութեան:

Սնապեան չէր կրնար «լուռ մնալ» այս կացութեան դիմաց: Իր սիրելի ուսուցիչին դէմ այսպիսի յարձակում մը թոյլատրելի չէր իրեն համար:

Այդ օրերուն նաեւ թերթերը կը յորդէին ատելավառ յօդուածներով: Նոյնիսկ ոճիրներ գործուեցան նոյն այս պատճառով: Մարդիկ այնքան զիրար կ՛ատէին, որ նոյնիսկ զիրար կը սպաննէին:

Սնապեան այսպէս կը բացատրէր եղելութիւնը. «Շուտով հասկցուեցաւ սակայն, թէ ի՛նչ կար այդ բոլորին տակնուվրան: Մարդիկ, աւելի ճիշդ` ընդհանրապէս կ՛ըսեն Օշականէն անտեսուած գրչակներ, մանր բանաստեղծ ու մանրամանր արձակագիրներ, առիթը յարմար նկատած էին իրենց հին հաշիւները մաքրելու եւ նոր հաշիւներով Հայաստանին կապուելու: Ժամանակը այդպէս կը պահանջէր: Պարագաները այդպէս կը պարտադրէին:

Դաշնակցութիւնը մեր նահատակներուն թափօրն է: Իմ բերանս վարժ չէ սրբապղծութեան:

Սոյն կեցուածքը հայրենիք մէջ տակաւին նոյնը կը մնայ Օշականի հանդէպ: Մեզի կ՛ըսէին եւ մինչեւ հիմա կ՛ըսեն. «Ի՜նչ է, դուք Օշականէն զատ ուրիշ մարդ չունի՞ք, Օշականի մը պոչը բռներ էք ու կ՛երթաք»:

Սնապեան վէպի սկզբնաւորութեան իսկ կը պատմէ Երուսաղէմի իր փորձառութիւնը, երբ առաջին օրէն վանքին պատասխանատուները զինք կը չարչարէին, որովհետեւ ինք միակ դաշնակցականն էր նորեկներու խումբին մէջ: Կղերականներուն միակ սպառնալիքը դաշնակցական տղոց հետեւեալն էր. «Լռիր, հիմի՛ փասփորը ձեռքդ կը տամ»: Այսինքն ետ Պէյրութ կամ Հալէպ կը ղրկեմ ձեզ:

Դժուարութեամբ Երուսաղէմ հասած տղոց համար ամենամեծ պատիժը կ՛ըլլար ատիկա: Բայց վարդապետները դիւրութեամբ կը կրկնէին այդ սպառնալիքը, որ սակայն չէր բաւեր տղոց` Դաշնակցութենէն հրաժարելու համար:

Սնապեան կը շարունակէ խորհրդածել. «Դաշնակցութիւնը իր ծոցին ունեցաւ եւ ունի մեծանուն եւ խոնարհ հերոսներ, ունեցաւ եւ ունի մտաւորականներու հոյլ մը եւ բոլոր մակարդակներու վրայ գործիչներ եւ ներկայացուցչական տիպարներ, որոնցմէ մէկը, առաւելագոյնը` Մանուկեան Արամ, որ իր անձին մէջ կը մարմնաւորէ իւրաքանչիւրէն բան մը, կը խտացնէ ընտիրներու փաղանգի մը տիրական առաքինութիւնները եւ անաղօտ լոյսի մը պէս կը ճառագայթէ մեր իրականութեան վրայ»:

Օրինակի համար, տարաբախտ Օհան Կարոյի ուրուանկարին մէջ, տեղ մը, Արամի համար կ՛ըսուի. «Նա հաշմանդամ Յարոյին ասում էր` «Ա՛ռ մահիճդ ու քայլիր», եւ Յարոն քայլում էր ռազմիկի պէս…»:

«Այս խաչակրութիւնը իր ծանր անդրադարձը ըրած էր: Տխուր էր Օշական, մահու չափ»:

«1918-ին հաշմանդամ էր բովանդակ մեր երկիրը, եւ շնորհիւ Արամի կախարդական կարողութեան` ոտքի կանգնեցաւ եւ քալեց ներխուժող թշնամիին վրայ, ու յաղթեց ու հիմը դրաւ Հայաստանի Հանրապետութեան»:

«… Եւ գիտենք, որ հետագայ դէպքերը վարչական տարբեր դասաւորում մը պարտադրեցին մեր հայրենիքին եւ թոյլ չտուին,  որ յարուցիչ ոգին գնահատուի ըստ արժանւոյն»:

Առանց մեր յեղափոխութեան` անկարելի է Արամ մը երեւակայել ու առանց Արամին` մեր յեղափոխութիւնը, որուն բերած նպաստը նուազ տեսանելի պիտի ըլլար, պիտի կշռէր նուազ, եթէ զեղչուէր անկէ Արամի տուրքը»:

28 մայիս 28, 1919: Անկախութեան առաջին տարեդարձին առթիւ հրապարակային ելոյթներ ունեցան մեր եկեղեցւոյ երկու կաթողիկոսները, մէկը` Երեւան, միւսը` Անթիլիաս, որոնք աղօթք կը բարձրացնէին առ Աստուած` պահել պահպանելու համար մեր շահած այդքան սուղ անկախութիւնը` շնորհիւ մեր քաջերուն: Շնորհիւ` անոնց թափած անսակարկ արեան: Եւ անոնք շահեցան մեր երկրի անկախութիւնը: «Առաջին Ողջոյնը» հատուածին մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Այս թերթին եւ մամլոյ այս թեւի միւս անդամներուն էջերէն ընթերցողը արդէն ծանօթ է այն կոչին, զոր ՀՅ Դաշնակցութեան 22-րդ Ընդհանուր ժողովը ուղղած էր հայ ժողովուրդին»: Կոչը ուղղուած էր համայն հայ ժողովուրդին, բոլորին, այսինքն հայ ժողովուրդին` իր բոլոր հատուածներով: Նոյն առթիւ, երկու կաթողիկոսներն ալ չեն մոռնար յիշելու մեր ազգին նահատակութիւնը` տխրահռչակ «24 ապրիլ»-ին:

«Կ՛ուզեն, որ Դաշնակցութեան հայհոյեմ: Ինչպէ՞ս հայհոյեմ Դաշնակցութեան: Չէ՞ որ Վարուժանը այդ կուսակցութեան անդամ էր: Չէ՞ որ Սիամանթոն, Սեւակը անդամ էին: Երուխանին, Զարդարեանին, Գեղամին կուսակցութեան ինչպէ՞ս հայհոյեմ ես»:

Լուռ էինք մենք: Երկու ձեռքերը գրպաններուն մէջ մխրճած, գլուխը կախ, դարձեալ գետին կը նայէր: Քիչ մը ետք նորէն խօսեցաւ. «Դաշնակցութիւնը մեր նահատակներուն թափօրն է: Իմ բերանս վարժ չէ սրբապղծութեան»:

Արամ Մանուկեան առասպելական դէմք է, Հայաստանի անկախութեան կերտիչը, ոչ միայն իր արարքներով, այլ նաեւ` իր նկարագիրով, որ զինք կը մօտեցնէ աւելի հերոսի տիպարին, քան` քաղաքական դէմքին. որ լաւագոյն խառնուրդն է իր պարագային:

Արամի կեանքին ամէնէն յատկանշական օրը նաեւ իր հանդիպումն էր հայ ազգի միւս հերոսին` Արշաւիր Շիրակեանին հետ: Նոյեմբեր 1972-ին: Օրը այլապէս ալ յիշարժան էր: Իմ սիրելի բարեկամ եւ սիրելի գրագէտ Արամ Հայկազի յոբելեանին Նիւ Եորքի մէջ, ուր Սնապեան հրաւիրուած էր իր անկեղծ խօսքը ըսելու: Մեր լիբանանահայ գրագէտը հրաւիրուած էր նստելու յոբելեար Հայկազի կողքին, իսկ հանդիսականներու առաջին կարգին «ի՛նքն է, ահաբեկիչ մեր փառքերուն առաջնակարգ դէմքերէն` Արշաւիր Շիրակեան»: Սնապեանի յատուկ սէրը հայ ահաբեկիչներուն հանդէպ, խտացած կերպով կ՛երեւի այս քանի մը տողերուն մէջ:

Ճիշդ այստեղ Սնապեան կը գրէ հետեւեալը. «Հոն եմ ու հոն չեմ կարծես: Հեղ մը Արամ Հայկազի անցած ճամբաներուն վրայ կը թափառի հոգիս, կը բարձրանայ Շապին Գարահիսարի բերդը, կը պրկուի, կ՛անցնի մեռելներուն մէջէն, կը մորմոքի, կը մտնէ անապատ, կ՛արիւնի, հրաշքին փրկած բեկորներուն հետ կը շարունակէ տառապանքը Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ, եւ հեղ մը մեծախռով Շիրակեանի հետ կրնկակոխ կը հալածէ Երկանեան Արամն ու Արամեան ազգին գողգոթան սարքած մանր ու մեծ հրէշները` շան սատակ ընելով զանոնք, պաղըշտըկելով սուլթանական մայրաքաղաքի արիւնոտ գռիհներուն մէջ, բացուելով Հռոմի բաց պողոտաներուն վրայ եւ արբենալով Պերլինի մէջ խնամքով յարդարուած որջերուն առջեւ»:

Սնապեան կ՛ըսէ Շիրակեանի մասին.

«Շիրակեանի անհանդարտութեան մէկ պահուն կռահեցի իրեն զինակից զէնքը:

– Դեռ կը կրե՞ս հետդ,- հարցուցի ժպտուն:

– Մի՛շտ,- ըսաւ, ու բաճկոնը բանալով ցոյց տուաւ ամբողջութիւնը:

Շիրակեանի ատրճանա՜կը… Չէի կարծեր, որ այսքան խանդաղատանքով պիտի արտայայտուէի ուրիշ մէկ առթիւ մահուան պատճառ դարձող այս առարկային մասին, որքան` այդ օրը: Անձամբ, ընդհանուր մթնոլորտին ալ մաս էի այդ օրը:

«… Եւ աչկունքն են արեգակունք» հատուածին մէջ, երբ ընկերոջը կը պատասխանէ բացարձակ ճշմարտութեան մասին, Սնապեան կ՛ըսէ. «Եթէ ներելի է, ես նոյնիսկ բացարձակ ճշմարտութիւն ըսուածին հասկացողութիւնը չունիմ,- եւ կը բացատրէ: – Իմ բացարձակս, իմ ճշմարտութիւնս համոզումի մը ներքին տենդի մը դիմաց հոգիի մը անշահախնդիր պոռթկումն է, բարկութիւնը կամ խնդակցութիւնը…»:

«Անանձնական անձերը» կտորին մէջ ան կը պատմէ Դաշնակցութեան նոր երդում տուած պատանիներու եւ երիտասարդներու լրիւ փոփոխութիւնը եւ անոնց մեծ տարբերութիւնը միւսներէն. ան կը ճանչնայ զանոնք` դիտելով միայն: Վէպին հեղինակը կը պատմէ հետեւեալը.

« Միայն մեր քաղաքին մէջ եւ միա՛յն այս ամառուան ընթացքին մեր երիտասարդութենէն 138  երկսեռ նորագիրներ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը անցան` ուսուցիչ, ուսանող, աշխատաւոր ու պաշտօնեայ, 239 հոգի»:

Այս առնչութեամբ, շատ են սրտաշարժ դրուագները յեղափոխական մեր պատմութեան մէջ: Յիշենք հետեւեալը. «Հայաստանի ազատագրութեան համար «մատղըւելու» անզուսպ մղումով երիտասարդ մը կը միանայ Գէորգ Չաւուշի ֆետայական խումբին: Ճակատագրական բախումներու մէջ քանի մը վստահելի քննութիւններ տալէ ետք, Գէորգ Չաւուշ կը կարգադրէ ֆետայական սպասներ տալ իրեն` հրացան, փամփշտակալ, սանձ, ասպանդակ եւ սակաւապետութեան խորհրդանիշ ուրիշ իրեր:

«Երբ արտաքնապէս փոխուեցի,- կը պատմէ ենթական,- եւ չափլին հրացանը թեւիս տակ առայ, թուաց, թէ ամբողջ աշխարհը ինձ տուեցին:

«Բայց դրանով չվերջացաւ իմ կերպարանափոխութիւնը:

Մշեցի Տիգրանը, որ քիչ առաջ տնտղել էր իմ մէջքը` իմանալու, թէ ես լաւ մատաղացու եմ թէ ոչ, յանկարծ հեռուից սուր աչքով չափեց իմ հասակը եւ ձիապան Բարսեղից երեք արշին ճերմակ կտաւ առնելով` արագ մօտեցաւ ինձ.

«Սա էլ քո պատանքն է», ասաց նա եւ բոլորի ներկայութեան կտաւը երեք տակ ծալելով` կոխեց պայուսակիս մէջ:

«Պատա՜նք: Ի՜նչ սարսափելի բառ:

«Այդ պահին բոլորը շեշտակի նայեցին ինձ` տեսնելու, թէ ի՛նչ տպաւորութիւն կը գործէ այդ երեք արշիննոց կտաւը ինձ վրայ: Ու այդպէս, ես դարձայ ֆիտայի»:

Յաջորդ հատուածին մէջ ան կ՛ըսէ. «Զոհաբերել ժամանակը` ընթացք մը աշխուժացնելու համար, տաղանդը` գեղեցկութեան մը սիրոյն, արիւնը` սրբութեան մը ի խնդիր:… Եւ կու գան քաջութեամբ, անմնացորդ սիրով, երկիւղածութեամբ, թօթափելով իրենց անձերէն անձնականը, Դաշնակցութեան օրհնութեանբ, անանձնական անձեր. բարո՛վ գան»:

«Առաջին ողջոյնը» խորագիրին տակ երեւացող հետագայ պարբերութիւնը, նաեւ ամբողջ մնացեալը` «Հայոց պատմութեան ձայնին ունկնդիր, հնարաւոր բոլոր միջոցներով կը ջանայ ամրապնդել մեր ներկայի եւ վաղուան գոյութեան խարիսխները, ամբողջական հայութեան լուսապայծառ ապագայի կերտման հեռանկարով», շատ յատկանշական է:

Հեղինակը կը շարունակէ. «Հայրենական մեր կանչերուն ունկնդիր եւ անոնց հրամայականը այլոց հաղորդող տիպարի մը հայ մարդը հանդիպեցաւ նաեւ մարաջախտ Բաղրամեանի բերնին մէջ, դեռ երկու տարի առաջ, խռովիչ հայ մը` վարպետ Մարգարը, որ` «Ափսո՜ս, շուտ վախճանուեց: Սրամիտ, հմայիչ մարդ էր: Մի անգամ, յիշում եմ, մի խումբ բարձրաստիճան հիւր  զինուորականներով հիւր գնացինք Մարգարին: Տեսաւ թէ չէ, գլուխը բռնեց ու մէկէն վրայ տուեց. «Աստուա՛ծ իմ, այսքան մարշալներ ու գեներալներ կան Արարատի ստորոտում եւ թուրքական սահմանը մի քանի մատնաչափ է հեռու հայոց մայրաքաղաքից: Ոմանք ի հարկէ զարմացան այս սրտաբուխ կատակից, բայց մեծամասնութիւնը այն ընդունեց ըստ արժանւոյն»:

«ԸՍՏ ԱՐԺԱՆՒՈՅՆ»: Չեմ կարծեր, որ այս վերջին նախադասութիւնը մեկնաբանութեան կը կարօտի:

Սնապեանի փոքր ծաւալով, այլ ամբողջական այս գրքոյկը որեւէ մեկնաբանութեան չի կարօտիր: Ան կը ներկայանայ յորդ զգացումներով, էջերէն դուրս եկող յորդութեամբ, այնքան որ հեղինակը պէտք չունի նոյնիսկ զայն ստորագրելու: Ամբողջութեամբ ՍՆԱՊԵԱՆ է:

20 սեպտեմբեր 2018

Երբ Չես Ընտրւում, Որպէսզի Ընտրուես…

$
0
0

ԱՐՏԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Այսպիսին է մեր իրողութիւնը` կապուած ՀՀ վարչապետի չընտրութեան, ՀՀ ԱԺ արտահերթ ընտրութիւնների եւ, վերջապէս, հին վարչապետի նոր ընտրութեան հարցում: Որ տարօրինակ ժամանակներ ենք ապրում, եւ ոչինչ արդէն զարմանալի չէ, շատերս ենք համոզուել: Որ` փետրուարը 31 օր կարող է ունենալ, դա էլ ամենավտանգաւորը չէ: Նոյնիսկ օրէնքի տառին է համապատասխանում այն, որ կարող ես առաջադրուել վարչապետ ու ամէն ինչ անել, որ քեզ չընտրեն, եւ այդ չընտրութիւնը դիտուի որպէս նոր Հայաստանում մի նոր առաջընթաց: Սա էլ կարող ես մի կերպ համոզել սեփական մտքիդ: Բայց դէ, սա էլ ամենաանկանխատեսելի ու վտանգաւոր վիճակը չէ:

Պարտադրուած սիրոյ եւ անհամերաշխութեան այս վիճակն էլ կ՛անցնի, սակայն ամենակարեւորն է մնում անորոշ. Փաշինեանից բացի` ովքե՞ր են գալու իշխանութեան, ի՞նչ խմբակ է նստելու կառավարութիւնում ԱԺ դեկտեմբերեան «վազող» ընտրութիւններից յետոյ: Արդեօ՞ք այսօրուայ խմբակն է մնալու կառավարութիւնում, թէ՞ այլ նմանատիպ կամ տարբերուող մարդիկ են գալու: Եւ, վերջապէս, այն բազմաթիւ մարտահրաւէրները, որոնք կանգնած են մեր առջեւ, այս նոր եկողները կարողանալու՞ են պատուով տանել, թէ՞ էլի սկսուելու է արդարացումների մի երկարաշունչ շարան ու մեղադրանքների մի տարափ` նախկին իշխանութիւնների հասցէին: Որ նախկինում ամէն ինչ լաւ չի եղել, դժուար է վիճել, որ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւնը ձախողուել է,  եւ դա մեր ողջ ժողովրդի ու պետութեան ձախողումն է, դա եւս փաստ է: Բայց արդեօ՞ք այսօր կարող ենք վստահ լինել, որ նոր Հայաստանում արժանապատիւ հայ մարդը, արժանապատուութեան մասին բանաւոր ու հրապարակային յայտարարութիւններից այն կողմ, իրօ՛ք ապրելու է արժանապատիւ, իրօ՛ք չի լքելու հայրենիքը, իրօ՛ք ստանալու է արժանապատիւ աշխատավարձ ու թոշակ, կարողանալու է գտնել աշխատանք կամ հնարաւորութիւն` հաւասար պայմաններում զբաղուելու է ձեռներէցութեամբ: Ի հարկէ, այս հարցերին շատերը կը պատասխանեն` դրա համար ժամանակ է պէտք, սակայն չմոռանանք, որ նախորդ իշխանութիւններն էլ 30 տարի նոյնն էին ասում ու չէին յոգնում այն ամբողջ ուժով պաշտպանելուց: Լաւագոյն ապագայի լաւագոյն երաշխիքը լաւագոյն ներկան է, իսկ վերջինս, խոստովանենք, գոնէ քատրային քաղաքականութեան առումով, այնքան էլ յուսադրող չէ, եթէ չասենք` հիասաթափեցնող է: Ի՞նչ է սպասւում մեզ դեկտեմբերից յետոյ` քատրային նոյնպիսի ձախողո՞ւմ, թէ՞, այնուամենայնիւ, նոր իշխող ուժը կը յաղթահարի այս անցանկալի վիճակը:

Փաստը մնում է փաստ. ժողովուրդն ինչքան էլ ատի նախկին իշխանութիւններին, բացառի նրանց վերադարձն ու պաշտի Փաշինեանին, անհրաժեշտ է, որ գործադիրում եւ ՏԻՄ-երում լծակները լինեն մասնագիտական բաւարար կարողութիւններ ունեցող մարդկանց ձեռքերում, այլապէս ազգովի կը յայտնուենք մի նոր, անորոշ ու չերազուած տեղ ու կ՛ասենք` էլի՛ չստացուեց: Ու նորից կը փնտռենք փրկիչների… Իսկ փրկութիւնը ներկայ ճիշդ քաղաքականութեան, միահեծան իշխանութիւնից խուսափելու, ճիշդ քատրեր ընտրելու մէջ է եւ ոչ թէ որեւէ «գերբնական» անձի կերպարում: Որեւէ ծովի մեծ ալիք դեռ չի մնացել իր բարձրութեան վրայ, այն իջել է եւ ձուլուել` աղի ջրերում, եւ պէտք է հասկանալ` համակարգերն են, որ երաշխաւորում են կայունութիւնն ու առաջընթացը, եւ ոչ թէ` մեսիաները, որոնք իրենց թիկունքում չունեն համարժէք ծրագրեր ու հետեւորդներ: գաղափարները անպէտք են ու անպտուղ, եթէ դրանց իրագործողները չկան ու չեն էլ նշմարւում: Չընտրութիւնից ընտրութիւն` մէկ ամիս է, յուսանք, որ հասարակութիւնը չի ընտրի միայն հնի մերժման տրամաբանութեամբ:

Ընտրութիւններում չեն ընտրում միայն իշխանութիւն, քուէարկում են նաեւ ընդդիմութեանը: Հայաստանին այսօր ինչքան որ անհրաժեշտ է լուրջ իշխանութիւն, այդքան էլ անհրաժեշտ է լուրջ ընդդիմութիւն` զինուած ազգային արժեհամակարգով, երկրում ընկերային արդարութեան հաստատման ծրագրերով եւ արցախեան հարցում սկզբունքային անզիջող կեցուածքով: Յեղափոխական իշխանութեանը պէտք է աւելի լաւ հսկել ու հակակշռել, այլապէս հիասթափութիւնները կարող են լինել նոյնչափ յեղափոխական ու, գրեթէ` երաշխաւորուած:

 

 

 

 

Ժիւլիեթ Հինտեան-Կիրակոսեանի Թարմ Յիշատակին. Անձնազոհ, Բարեսէր Ու Բազմահմուտ Հայուհին

$
0
0

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

«Իսկական հերոսները մեր մայրերն են»
ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

«Հիանալի արուեստագիտուհի, մեր ընտանիքի իսկական սիւնն ու մեր հօր ստեղծագործական խորհրդածութեան, զօրակցութեան ու  ներշնչման գլխաւոր աղբիւրն էր մեր մայրը: Ան վերջապէս միացաւ մեր հօր, երկինքի մէջ»:

Վերոնշեալ այս տողերով կը գուժէին Փոլ Կիրակոսեանի ընտանիքի անդամները իրենց մօր` Ժիւլիեթ Հինտեան-Կիրակոսեանի մահը, որ պատահեցաւ քառասուն օրեր առաջ, 24 սեպտեմբերին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Ծնողները` բնիկ ատանացիներ, Ժիւլիեթ Հինտեան ծնած է Լիբանանի Պիքֆայա ամառանոցը: Ան եղած է Հինտեան ընտանիքին փոքրագոյն աղջնակը: Անոր մօրեղբայրները եղած են Պոլսոյ երբեմնի Վայվայեան հանրածանօթ իրաւաբանները, որոնք,  սիամանթոներու եւ վարուժաններու կողքին, նոյնպէս զոհ գացած են թուրքի եաթաղանին, Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին:

Փոլ եւ Ժիւլիեթ, անոր արուեստանոցին մէջ, Պուրճ Համուտ, 1950

Սպիտակամորթ դէմքով ու ոսկեգոյն մազերով  յատկանշուող Ժիւլիեթի գեղեցկութիւնը  յատուկ գրաւչութիւն մը ունէր, եւ ան իր հարազատներուն կողմէ ճանչցուած էր որպէս «շէկ աղջիկ» («սարը ղըզ»): Փոքրիկ Ժիւլիեթ կանուխ տարիքէն ցուցաբերած է իր հմտութիւնը` նուագելու, գծելու թէ ասմունքելու մէջ: Ան 12 տարեկանէն արդէն սկսած է գծել ապակիի, թաւիշի, կտաւի թէ կանեվայի վրայ` մատիտով, իւղաներկ ու ջրաներկ գեղանկարներ ստեղծագործելով: Տան կրտսերագոյն աղջնակը ըլլալով` դեռատի Ժիւլիեթ եղած է իր հօր «առանձնաշնորհեալ» եւ նախասիրած զաւակը: Հայրը ճիգ չէ խնայած զարգացնելու անոր բնատուր այդ ձիրքերը եւ անոր նուիրած է մանտոլին մը, որուն վրայ նուագելով, Ժիւլիեթ նաեւ կ՛երգէր` զուարճացնելով իր հարազատներն ու սիրելիները: Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Պիքֆայայի ֆրանսացի մայրապետներու վարժարանին մէջ,  ապա յաճախած է «Դարուհի Յակոբեան» վարժարան` լաւապէս տիրապետելով, մայրենիի կողքին, նաեւ արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն: Մեծարենցի, Պետրոս Դուրեանի եւ անոնց նման գրական տիտաններու սիրահար` դեռատի Ժիւլիեթ մասնակցած է կրթական-մշակութային զանազան ձեռնարկներու, ուր ցուցաբերած է իր ասմունքելու հմտութիւնը` արժանանալով կազմակերպիչ թէ հիւր անձնաւորութիւններու (ինչպէս` Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ եւ այլն) բարձր գնահատանքին ու յաճախ` մետալներով պարգեւատրուած:

Փոլ, Ժիւլիեթ եւ Սիլվա, դեկտեմբեր 1990, Դամասկոս

Քաջալերելով իր աղջկան գծելու ձիրքը` հայրը մասնագէտ ուսուցիչներու  յանձնարարած է գծագրութեան յատուկ դասեր տալ Ժիւլիեթին, որ մեծապէս օգտուած է ընտանիքի գրեթէ լրիւ կազմին ներկայութեամբ իրենց տան մէջ կայացած այդ դասընթացքէն… Անոր  անձնական ուսուցիչներէն եղած է նաեւ խոստմնալից երիտասարդ արուեստագէտ Փոլ Կիրակոսեանը: Ապա Ժիւլիեթ գծագրական իր այդ հմտութիւնը կատարելագործած է գեղարուեստի յատուկ հիմնարկի մը մէջ:

Ժիւլիեթի գեղեցկութիւնն ու բազմահմուտ անհատականութիւնը «գրաւած» է մէկէ աւելի երիտասարդներու հետաքրքութիւնը, որոնք եկած էին իր «ձեռքը խնդրելու»: Հայրը նախընտրած է Ժիւլիեթը ամուսնացնել  անոր ձեռքը խնդրողներէն նիւթապէս ամէնէն համեստ փեսացուին` Փոլ Կիրակոսեանին հետ, որովհետեւ ան կը հաւատար, որ Փոլը «խոստմնալից երիտասարդ էր եւ ապագային հանրածանօթ արուեստագէտ պիտի դառնար»:

Հակառակ իր գծելու հմտութեան` նորահարս  Ժիւլիեթ նախընտրած էր «յառաջ մղել» իր արուեստագէտ ամուսինը` Փոլ Կիրակոսեանը` ամէն ձեւով զօրակցելով ու աջակցելով անոր: Առտնին պարտականութեանց կողքին, Ժիւլիեթ ճիգ չէ խնայած ամուսնոյն բնատուր այդ ձիրքը զարգացնելու եւ ստեղծագործութեան նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու տան մէջ` միաժամանակ խրախուսելով ու ներշնչելով զայն որպէս զոհաբերող կին, մայր ու հայուհի: Ան միաժամանակ եղած է մայր, կին, «քարտուղար», օգնական, համակարգող եւ զարկ տուած` անոր յարաբերական ցանցի ընդլայնումին, դառնալով այժմէական հասկացողութեամբ արուեստագէտ Փոլի  նշանաւոր ու պարկեշտ «փի.ար.»-ը (P.R.):

Ան իր հարսանեկան թէ տնային ծածկոցներն ու յարակից զարդեղէնները անձամբ կարած է մելանի վրայ եւ հիւսած` հայկական բնաշխարհի յատուկ ասեղնագործութիւններ: Հեռու` սուրճի դրացիական աւանդական հաւաքներէն, Ժիւլիեթ նախընտրած է իր զաւակները տանիլ  բնութեան գիրկը, եւ մինչ անոնք կը զբօսնէին, ան իր վրձինի նուրբ  զարկերով քողազերծած է  բնութեան գեղեցկութիւնն ու գաղտնիքները:

Ժիւլիեթ Հինտեան-Կիրակոսեանը միութենական անդամ չէ եղած, սակայն ան իր անշշուկ գործունէութեամբ, ի՛ր ոճով  ծառայած է ազգին ու ժողովուրդին` նիւթապէս օգնելով կարիքաւոր ընտանիքներու: Հեռու` շեփորահարութեան թէ ցուցամոլութեան մարմաջէն, ան սաներ կարդացուցած է հայկական վարժարաններու մէջ` նիւթապէս հոգալով անոնց կրթաթոշակը, ինչպէս կը վկայէ ականատես ծանօթ վարդապետ մը: Եղած է բարեսէր եւ յաճախ նիւթապէս նպաստած` զանազան միութիւններու, երբեմն ալ` ստանձնելով «Օրուան նախագահուհի»-ի առաքելութիւնը:

Արուեստի բնատուր ձիրքով ու այլ հմտութիւններով  յատկանշուող, զաւակներու հոգատարութեամբ, առտնին պարտականութեանց կամակատարութեամբ եւ այլ ուշագրաւ զոհողութիւններով ճանչցուած հայուհի մը եղած է Ժիւլիեթ Կիրակոսեանը: Ան իր կարողութիւնները օգտագործած է ի սպաս իր ամուսնոյն ու զաւակներու զարգացման ու յառաջդիմութեան` նախընտրելով  գործել ու ստեղծագործել քուլիսներու ետին, միաժամանակ պահելով  իր անհատականութիւնն ու ստեղծագործական  իւրայատկութիւնները: Երեւոյթ մը, որ հազուադէպ է հայութեան, այլ նաեւ` մարդկութեան մէջ, ուր առանց փոխադարձ ակնկալութեան, ամբողջական նուիրաբերումի եւ պարկեշտ ու հաւատարիմ զոհաբերութեան տիպարներու դարաշրջանը արդէն պատմութեան անցած է:

Ի զուր չէ, որ հանգուցեալ արուեստագէտ Փոլ Կիրակոսեանը, ազդուելով իր հարազատ մօր ու կնոջ` Ժիւլիեթի օրինակէն, հաստատած է, որ` «Մեր իսկական հերոսները մեր մայրերն են»:

Ժիւլիեթ Հինտեան-Կիրակոսեանի եւ իր նման հայուհիներու անունը վառ պիտի մնայ ու յաւերժ նշուի մերօրեայ «Փափկասուն տիկնայք»-ի ոսկեմատեանին մէջ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ տիկին Ժիւլիեթ:

————–

Լուսանկարները տրամադրուեցան
«Էմմակոս ֆաունտէյշըն»-ին կողմէ

 

 

 

Կարօտցանք. Գէորգ Տէմիրճեանի Յիշատակին

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Սիրելի՛ պապ,

Պիտի խոստովանիմ, որ այս անգամ գրիչ շարժելը բաւական դժուար եղաւ: Փորձեցի ուժերս հաւաքել, զգացումներուս վրայ մեծ քար մը դնել եւ ճիգ ընել յաւուր պատշաճի մարդկային ու ազնիւ արժանիքներուդ ու ազգային ապրումներուդ, վաստակիդ ու բարի յիշատակներուդ մասին գրել, բայց չյաջողեցայ: Չկրցայ այդ ձեւով մտքերս հաւաքել ու անցեալին մասին խօսիլ, որովհետեւ զգացի, որ տակաւին չեմ կրցած բացակայութեանդ հետ հաշտուիլ: Հետեւաբար, որոշեցի ըլլալ աւելի անմիջական եւ քիչ մը զրուցել հետդ: Դուն զրոյցը սիրող մարդ էիր, եւ թող որ յետ մահու նաեւ այդ զրոյցը շարունակուի:

Քսանհինգ տարիներու հեռաւորութենէն կը յիշեմ մեր առաջին ծանօթութիւնը եւ այդ օր քու դրսեւորած յարգալից, հոգածու եւ սիրով լեցուն վերաբերմունքդ, որ դարձաւ փոխադարձ եւ մնաց անխախտ: Այդ կապը դարձաւ անմիջական, հարազատ եւ ամուր: Անմիջապէս զգացի, որ հայրական նոյն հարուստ սիրովդ պատեցիր նաեւ զիս, եւ այս հանգամանքը տուաւ առիթ, որ մեր յարաբերութիւնը ըլլայ անկեղծ եւ հարուստ: Չափազանցած պիտի չըլլամ, եւ դուն ալ համաձայն պիտի գտնուիս, որ այս ժամանակահատուածին հոն կարելի է գտնել ոչ մէկ վիրաւորական խօսք կամ արտայայտութիւն:

Այո՛, բառին բովանդակ իմաստով արժէքաւոր անձ մըն էիր` հարուստ մարդկային ու ազգային ապրումներով: Կեանքի դառն պայմաններու բերումով, կանուխ տարիքէդ դպրոցական ուսումը լքելու եւ մեծ ընտանիքի հոգերը ստանձնելու քու պատրաստակամութիւնդ, ոչ մէկ ձեւով արգելակած էր ինքնաշխատութեամբ ինքզինքդ զարգացնելու ու գիտելիքներու եւ փորձառութիւններու շտեմարան մը ունենալու քու վճռական ու ինքնավստահ ճիգդ:

Յախուռն էիր տեսակէտներուդ դրսեւորման մէջ, կառչած կը մնայիր անոնց ու կը փորձէիր հարուստ հիմնաւորումներովդ այդ բոլորը պաշտպանել:

Երիտասարդ տարիքէդ դիմագրաւեցիր  առողջական մնայուն հարցեր, բայց մնացիր ամուր, կեանքին կառչած, յուսալից, կեանքը սիրող ու զայն ամբողջականօրէն օրինակովդ արժեւորող անձ:

Շրջապատիդ հանդէպ ցուցաբերած անհուն հոգածութիւնդ եւ գուրգուրանքդ նաեւ մնացին գնահատելի բոլորին կողմէ: Այո՛, այս իմաստով նաեւ դարձար համակ օրինակ եւ քու անձիդ ընդմէջէն տուիր փաստը, որ բարեգործութիւնը եւ մարդոց դժուարութիւնները կիսելը մարդկային առաքինութիւն է, եւ պայման չէ, որ մարդ հարստութիւն դիզած ըլլայ, որպէսզի օժանդակէ: Ցուցաբերած այդ կարեկցութեամբդ մնացիր հարուստ, որ փաստօրէն հարստութիւնն էր մեծ հոգիիդ ու լայն սրտիդ:

Հայութիւնը ու Հայաստանը մնացին քեզի համար սրբութիւն: Տագնապդ եղաւ մնայուն, եւ մեր հաւաքական կեանքը յուզող հարցերուն մէջ դարձար միշտ տեսակէտ ունեցող անհատ` անկեղծ մնալով քու համոզումներուդ եւ սկզբունքներուդ:

Գաղափարներովդ, խօսքովդ եւ գործովդ տուիր փաստը, որ ինչպէ՛ս կարելի է հաւատաւոր դաշնակցական ըլլալ առանց կուսակցութեան անդամակցելու:

Քեզի վստահուած պարտականութիւնները կատարեցիր մեծ սիրով եւ ուրախութեամբ: Ակմբային կեանքը եւ ընկերային շրջանակը մի՛շտ ալ քեզմով աւելի ջերմացան, ու խանդավառութիւնդ համակող դարձաւ:

Այս բոլորին կողքին նաեւ, պա՛պ, իրապէս բարի հայրիկ էիր ու մնացիր այդպէս մինչեւ կեանքիդ վերջին վայրկեանը, եւ` շրջապատուած հարազատներով, բարի ու անաղմուկ հրաժեշտ տուիր կեանքին: Բարութիւնդ փորձեցիր տարածել ամէնուրեք: Հայ ընտանիքին աւանդութիւնները, սովորութիւնները ու սրբութիւնները քեզի համար մնացին գերագոյն արժէք, եւ այդ բոլորը ապրեցուցիր քու անձնական օրինակովդ: Ընտանեկան նահապետական սեղանը, ընտանեկան հաւաքները քեզի համար դարձան հոգեկան անսահման ուրախութեան աղբիւր:

Բոլորը կարօտցած են քեզի, պա՛պ, ամէնէն փոքր թոռնիկդ` Վայքը, որ տակաւին կեանքը հասկնալու բաւական ճամբայ ունի կտրելիք, ամէն օր նկարդ կը սեղմէ իր կուրծքին: Շահանը, որուն լացը միայն մանուկ հասակին տեսած էինք, առաջին անգամ ըլլալով աչքերէն յորդառատ արցունք թափեց եւ անշնչացած մարմնիդ քով երկար մնաց:

Այցելեցինք գերեզմանդ, եւ աղօթքէն ետք զաւակդ` Արան, ծխախոտը վառեց եւ դրաւ շիրիմիդ վրայ, որովհետեւ կեանքի վերջին հանգրուանին անիկա դարձաւ քու հիմնական ու անբաժան ընկերդ, եւ լռութեամբ ցաւերդ ու տագնապներդ դուրս տուիր այդ ծուխին հետ: Չվախցար մահէն, եւ ցաւերուդ մէջ անգամ սրամտութիւններովդ եւ խօսքերովդ փորձեցիր ուրախացնել շրջապատդ: Իսկ միւս զաւակդ` Ժաքը, վերջին հանգրուանին, ընկալած առողջական անյոյս վիճակդ, միակ մաղթանքը եղաւ, որ չարչարանքդ երկար չտեւէ:

Անցեալ գիշեր, երբ Հելկային հետ գործէն տուն կը վերադառնայինք` օրուան աշխատանքներէն յոգնած, լռած, երաժշտութիւն ունկնդրելով, յանկարծ Հելկան ըսաւ. «Պապային կարօտցայ»…

Այո՛, պա՛պ, կարօտցանք քեզի…եւ այդ կարօտը մի՛շտ վառ պիտի պահէ քու ներկայութիւնդ մեր մէջ:

Լաւ ենք, պա՛պ, անհոգ եղի՛ր, հանգիստ քնացիր…

 

 

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գծել Անուն Բարդ Մականուն

$
0
0

ՍԻ­ՄՈՆ ԿՈՍ­ՏԱՆ­ԴԻՆ­ԵԱՆ

Նո­րապ­սակ հա­յոր­դի­ներ
Կ՛ապ­րին ու­րախ, զուարթ պա­հեր,
Տա­րի մը դեռ չան­ցած ար­դէն`
Թանկ նո­րա­ծին տուն կը բե­րեն:
Լաւ կ՛ըն­թա­նայ առող­ջու­թիւն,
Երե­խա­յին ու­շադ­րու­թիւն`
Ձմրան հագ­ուիլ հաստ զգեստ­ներ,
Ամ­րան պտոյտ­ներ` ծով ու զով լեռ,
Ալ կը հաս­նի երե­խա­յին
Ճիշդ տա­րի­քը իր դպրո­ցին:
Մեծ ժո­ղով­ներ կը գու­մար­ուին`
Կար­ծիք­նե­րով բիւր թան­կա­գին:
Կարճ է ար­դէն շտապ ժա­մա­նակ,
Որո­շու­մի  բաւ ըն­դու­նակ:
Դաս հայ­կա­կան` միշտ ալ դժուար,
Շատ մեծ կո­րուստ թուա­բա­նու­թեան,
Վեհ պատ­մու­թեան օտար լեզ­ուին,
Օրն է հի­մա ալ բժիշ­կին:
Հա­յոր­դին մեր ոչ հայ դպրոց
Կը յա­ճա­խէ սեւ գոգ­նո­ցով,
Բժիշկ կ՛ըլ­լայ երե­խան մեծ,
Դրա­մի տէր` ճիշդ հօ­րը պէս,
Ան­ձը սա­կայն մեր հայ գիւ­տէն`
Այս հին լեզ­ուէն մէկ բան գի­տէ`
ԳԾԵԼ անուն, բարդ մա­կա­նուն,
Շու­տով ճանչ­նալ ստո­րագ­րու­թիւն:
Ինչ կը սպա­սէք դուք այս հա­յէն,
Որ կը սոր­վի ֆրան­սե­րէն,
Անգ­լե­րէն ու արա­բե­րէն,
Բայց չի կար­դար բնաւ հա­յե­րէն,
Ան չ՛իմա­նար նոյ­նիսկ գրա­ծէս:
Խնդրեմ` գէթ դուք իմ տո­ղե­րէս
Բա­ցատ­րե­ցէք մեր այս մար­դուն`
Գրել անուն ու մա­կա­նուն:

11/9/2018
Լի­բա­նան

 

Երկրի Խորհրդանիշերը Հրանդ Մարգարեանի «Քառաձայն Պատարագ» Գրքում

$
0
0

Նուիրւում է
Հրանդ եւ Ժանետ Մարգարեանների
ծննդեան 80-ամեակին

ԿԱՐԻՆԷ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Բանասիրական գիտութիւնների թեկնածու
ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի գիտաշխատակից

2018թ. հոկտեմբերի 6-ին Հրանդ Մարգարեանը բոլորեց երկրային կեանքի 80-րդ տարին: Հայ նորագոյն շրջանի մշակոյթի պատմութեան մէջ նա քաջածանօթ ու սիրուած անուն է: Ծնուել է Իրաքում` Եղեռնից մազապուրծ վանեցիների ընտանիքում, այնուհետեւ բարձրագոյն կրթութիւնը ստացել, ապրել ու գործել է Միացեալ Նահանգներում: Բազմաշնորհ այս մտաւորականը աչքի է ընկել ու մնայուն հետք թողել տարբեր ասպարէզներում` քիմիական գիտութիւնների, գրականութեան, մասնաւորապէս` բանաստեղծութեան, թատերագրութեան թատրոնի` բազմաթիւ բեմադրութիւններով եւ դերակատարումներով, մանկավարժութեան, հասարակական, կազմակերպչական, բարեգործական գործունէութեան եւ այլն:

Մի բան յստակ է` որտեղ որ եղել, ինչ ուղղութեամբ էլ գործել է Հրանդ Մարգարեանը, նա միշտ մնացել է իրական հայ` անմնացորդ հաւատարիմ իր ինքնութեանը, ստացած ժառանգութեանը, այն հարստացնելու եւ սերնդէ-սերունդ փոխանցելու վսեմ առաքելութեանը: Այս առաքելութիւնն իրականութիւն դարձնելու դժուարին ճանապարհին նրա անդաւաճան ուղեկիցը, ամուր սատարը, ոգեւորող մուսան է եղել կինը եւ երկու զաւակների մայրը` բժշկուհի Ժանետ Մարգարեանը, որը եւս այս տարի բոլորում է կեանքի 80-րդ տարին: Այս ամոլը օրինակ ու քաջալերանք է եղել սփիւռքահայ եւ հայրենաբնակ երիտասարդութեան համար` ազգապահպանման բարդ ու պատասխանատու գործում, նաեւ իրենց թոռնիկների` Մատթէոսի ու Սարինի համար, որոնց դաստիարակութեան մէջ եւս ահռելի է նրանց դերակատարութիւնը:

Հրանդ Մարգարեանի գրական գործունէութեան մասին կարելի է շատ ու շատ երկար խօսել, սակայն կայ մի թեմա, որ կարմիր թելի պէս անցնում է նրա գրականութեան միջով, որը կարելի է բնորոշել եւ՛ որպէս իշխող գաղափար, եւ՛ ստեղծագործութեան լրում ու ամբողջացում. Երկիրը:

Անշուշտ իւրաքանչիւր գիտակից հայի համար սրբազան ու նուիրական է Երկիրը: «Տարօրինակ ազգային ներգիտակցական երեւոյթ մը կը պարզուի «Երկիր» բառին հետ: Մեր նախնիները Արեւմտահայաստանը «Երկիր» կոչած են: «Երկիր» բառով անոնք այդ հողերը մեր ազգային պատկանելիութեան սահմաններուն մէջ դրած են` հոն զետեղելով մեր տէր ըլլալու անզիջող կամքը…»1:

Եթէ մինչեւ 1997թ. Հրանդ Մարգարեանի համար Երկիրը անչափ սիրելի, սակայն հեռաւոր էր, անմատչելի ու միայն երեւակայելի, ապա 1997-ից յետոյ, մնալով անչափ սիրելի, դարձաւ մերձաւոր, շօշափելի, ճանաչելի, գուրգուրելի ու փայփայելի, քանի որ 1997-ին Մեսրոպ արք. Աշճեանի ղեկավարութեամբ կատարեց իր առաջին ուխտագնացութիւնը դէպի Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա, ինչի արդիւնքը եղան «Քառաձայն պատարագ» գիրքը եւ բազմաթիւ դասախօսութիւններ` Հայաստանում եւ սփիւռքի գաղթօճախներում: «Քառաձայն պատարագ» գիրքը լոյս տեսաւ Նիւ Եորքում, 1998-ին, եւ 2018-ին նաեւ այս գրքի յոբելեանն է` 20-ամեակը:

Երկրի մասին ուղղակի կամ անուղղակի կերպով խօսելիս` Մարգարեանը յաճախ դիմում է բազմաթիւ ու բազմապիսի խորհրդանիշերի օգնութեանը, որոնք օժտուած են խօսքը ոճաւորելու անսահման կարողութեամբ: Դրանք կարող են լինել ամենատարբեր իրեր եւ երեւոյթներ, վերացական հասկացութիւններ, անձնանուններ, տեղանուններ եւ այլն, եւ այլն: «Խորհրդանշանը գեղարուեստական լեզուի պատկերաւորութեան միջոցներից մէկն է, որը որոշակի ընդհանրութեան հիման վրայ ընդունւում է որպէս մի այլ երեւոյթի կամ հասկացութեան (գաղափարի) պայմանական անուանում»[2]:

«Քառաձայն պատարագ» գրքի արդէն առաջին տողերում հանդիպում ենք խորհրդանիշների: Որքան էլ տարօրինակ լինի, դրանք են` մկրատը, մեծ մօր գործած տոպրակը` ջուալը, պապենական կալուածքի թուղթը: Սրանք խորհրդանիշներ են, քանզի Հրանդի հայրը` Մանուկը, այս երեք իրերն է հետը վերցրել Երկրից, պապենական տնից, որտեղ վերադառնալու հնարաւորութիւնը այդպէս էլ չունեցաւ: Ինչպէս նշում է հեղինակը. «Մեր տան մէջ միշտ ակնածանքով կը նայէինք հօրս բերած Երկրի երեք իրերուն: Անխօս կտակ մըն էին անոնք, անտեսանելի կապ մը` մեր տան եւ մեր Տան միջեւ… Փաստաթուղթը սեւ մելանով արաբատառ թուրքերէնով մեծադիր էջ մըն է… Հիմա, մեր նոր տան պատերը զարդարող նկարներուն մէջ այդ յստակօրէն ընթեռնելի փաստաթուղթը, մաքուր շրջանակուած, յատուկ տեղ կը գրաւէ ու ինծի համար դարձած է մեր պատմութեան եւ մարդկային անիրաւութեան մնայուն յուշարար մը»(12):

Խիստ իրական ու առարկայական խորհրդանշաններից Մարգարեանն անցում է կատարում վերացարկուած ու աննիւթական խորհրդանիշերի` խօսելով այն դատարկութեան, այն մեծ խոռոչի մասին, որ իր հետ բերել է Երկրի կորուստը: Այս խոռոչը նա անուանում է` «Մեծ բացատ», որը եւս խորհրդանշան է, սակայն այնպիսին, որն իր մէջ ներառում է բազմաթիւ խորհրդանիշեր: «Ամէն գիտակից հայ «սեւ փոս»-ի նման Բացատ մը ունի իր ենթագիտակցութեան մէջ, եւ որուն ինչ ըլլալը չի գիտեր: Անուն չունի այդ Բացատը: Շուրջը կը դառնանք ազգովին ու կը փորձենք ածականներով բնորոշել` կարօ՞տ, պահա՞նջ, բարկութի՞ւն, վրէ՞ժ, դառնութի՞ւն, անկարողութի՞ւն, անտեսուածութի՞ւն, անարդարութի՞ւն, պահանջատիրութի՞ւն…: Յստակ անուն չունի այդ «Մեծ բացատը», սակայն կը կրծէ, կը տանջէ, կը հիւծէ մեր զգացական աշխարհը»(16-18):

Այնուհետ գալիս է խորհրդանշանների մի այլ տեսակ, որն ընթերցողին ուղեկցում է մինչեւ գրքի վերջը եւ շարունակում իր կենդանի ներկայութիւնը նրա կեանքում. աշխարհագրական անունները: Սրանք աշխարհագրական պարզ անուններ չեն, այլ` կորուսեալ հայրենիքի պատառիկներն ու Երկրի խորհրդանիշերը: Սրանցից ամէն մէկը իւրովի է ներազդում հեղինակի եւ ընթերցողի հոգեկան աշխարհի վրայ` առաջացնելով ամենատարբեր զգացողութիւններ, որոնցից անփոփոխ ու բոլորի դէպքում նոյնն է մէկը` կորստի ցաւը: Եւ Հրանդ Մարգարեանը մեզ ուղեկցում է իր ուխտի ճանապարհով` իւրաքանչիւր հանգրուանին կիսուելով արձակ, յաճախ չափածոյ խորհրդածութիւններով: Աւելացնենք, որ գիրքը երկմաս է` հայերէն եւ անգլերէն բաժիններով, ինչով ներգրաւում է ընթերցողների շատ աւելի լայն շրջանակ:

Ուխտագնացութիւնն սկսւում է Պոլսից, որտեղ ուխտաւորները հանդիպումներ են ունենում տեղի հայ մտաւորականների հետ: Դեռ մինչեւ Պոլիս մեկնելը Հրանդ Մարգարեանը երեք քառատողի մէջ ամփոփում է իր ուղեւորութեան նպատակը.

Փշալարուած պատմութեան
սեւ ու արնոտ դէպքերով
ես բեռնաւոր ուղեւոր
կ՛երթամ ես Ինձ գտնելու…(20)

Որոնում-ուխտագնացութեան առաջին կանգառը պատմական Այնթապ քաղաքն է: Հէնց առաջին կանգառին, առաջին քայլերից Երկրի խորհրդանիշներին զուգահեռ, հեղինակը խորը ցաւով բացայայտում է (երեւի ճիշդ կը լինի ասել) հակախորհրդանիշերը. քաղաքի կեդրոնական հրապարակում Մուսթաֆա Քեմալի արձանն է` ձին հեծած, աջ թեւը դէպի առաջ պարզած: «Կարելի չէ ներկան առանձինն տեսնել` առանց պատմական կապուածութեան,- գրում է Հրանդ Մարգարեանը,- ամէն քայլափոխիս պատմութիւնը զուգընթաց կը քալէ հետս եւ ճնշիչ ներկայութիւն մըն է մէջս» (24):

Ինչպէս ուխտագնացութեան միւս փուլերին, այնպէս էլ այստեղ հեղինակն անցնում է պատմական ակնարկի` համառօտ կերպով ներկայացնելով քաղաքի, այստեղ գործած եկեղեցիների, կրթական, մշակութային օճախների պատմութիւնը:

Յաջորդ խորհրդանշան-կանգառը Ամենայն հայոց կաթողիկոսանիստ սրբավայր Հռոմկլայ բերդաքաղաքն է: Այստեղ են ապրել ու գործել կաթողիկոսներ` Գրիգոր Պահլաւունին, Գրիգոր Դ. Տղան, Կոնստանդին Ա. Բարձրաբերդցին: Այստեղ է իր ծովածաւալ ժառանգութիւնը ստեղծել Ամենայն հայոց կաթողիկոս Սուրբ Ներսէս Շնորհալին` Կլայեցին:

Ապա հասնում են Մուսա Լեռ: Մուսա լեռը ոչ միայն հայրենիքի, այլեւ նրա ազատատենչ ոգու եւ ազատագրական շարժման խորհրդանիշն է, այս լերան վրայ է կերտուել այն հերոսամարտը, որը հետագայում իր արտացոլումը գտաւ Ֆրանց Վերֆելի հանրայայտ վէպում: Մուսա Լեռը, սակայն, յայտնի է ոչ միայն իր հերոսամարտով: Ինչպէս նշում է հեղինակը. «Մտովին կը վերակառուցեմ պատմութիւնը` Պիթիասի արեւմտեան կողմը կը գտնուէր Ս. Յովհան Ոսկեբերանի ճգնավայր մատուռը, իսկ հիւսիսարեւելեան կողմն ալ` Ս. Եղիայի ճգնավայր-քարայրը, 1915-ին հայերու ամբողջական թիւն էր 5311 հոգի, 1235 ընտանիքներէ բաղկացեալ: Հայկական գիւղերն էին` Քեպուսիյէ, Վագըֆ, Խտրպէկ, Եողուն-Օլուք, Հաճի-Հապիպլի, Պիթիաս եւ Նոր Զէյթուն»(44):

Յուզիչ է յատկապէս Վագըֆ այցելութիւնը: Այս գիւղում երեսուն ընտանիք է ապրում, որից քսանը հայկական են: Վերանորոգում էին Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին, որի օծումը նախատեսւում էր օգոստոսին: Մտադիր էին նաեւ հայկական դպրոց բացել: Փորձելով յաղթահարել հոգեկան խորը խռովքը` Մարգարեանը գրում է. «Մեր ազգի ապագայ սերունդները դե՜ռ իրենց պապենական հողերուն վրայ են: Արեւմտահայաստանի վերջի՜ն բեկորները` թառած լեռներու գագաթին… Այդ խնկելի մարդիկը, Անատոլուի տարածքին ցրուած հատուկտոր հայերու հետ վերջի՛ն պահակներն են, հո՛ն են, հայրենի հողին վրայ… Ու կը խորհրդածեմ…»(48):

Այս խորհրդածութիւնների արդիւնքն է «Պահակները» բանաստեղծութիւնը, որն ամբողջութեամբ կառուցուած է այլաբանական պատկերներով: Պահակները եւս խորհրդանիշ են, այս դէպքում` Երկրի հողի վրայ վերջին հայեցի ապրողների խորհրդանիշը.

Պատմութեան պէս լո՜ւռ պահանջ
խոհ ու արմատ, տաք հող են
պահակները այս վերջին…(50):

Շարունակւում է ուխտի ճանապարհը Անարզաբա, Ուրֆա (Եդեսիա), Կարմուճ, Նեմրութ տաղ, ապա երկարում` Եփրատի ափերով: Աստուածաշնչային, հայ ժողովրդի համար նուիրական այս գետի վտակ Արածանիում են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռամբ մկրտուել հայոց արքայական ընտանիքը, ազատանին եւ ժողովուրդը:

Փոխուել են ժամանակները, 1915-ին Եփրատի ալիքների մէջ իրենց մահկանացուն կնքեցին եւ յաւիտենական կեանքի փոխուեցին բազմաթիւ անմեղ հայ կանայք ու աղջիկներ: Մեսրոպ սրբազանը հոգեհանգստեան պաշտօն է կատարում, եւ յանկարծ Եփրատն էլ է դառնում խորհրդանիշ, Անանուն զոհերի խորհրդանիշը:

Ապա Մալաթիա` Խարբերդ, Բալու, Հաւաւ գիւղ, որտեղ ծնուել է Մեսրոպ արք. Աշճեանի մայրը` Մարթան:

Յաջորդ կանգառը Տիգրանակերտն է: Սա արդէն հայոց պետական հզօրութեան խորհրդանիշն է: «Մեծն Տիգրան` հայոց պատմութեան անկրկնելի հսկան, բացառապէս կազմակերպող, դարուն լեզուն հասկցող, ամէնէն զօրաւոր արքան եղած է մեր պատմութեան մէջ: Հայոց պատմութեան տեւողութեան Տիգրանը միակն է, որ կարողացած է քաղաքական յարգանք պարտադրել շրջանի երկու հզօր պետութիւններուն` Հռոմին եւ Պարսկաստանին: Միակն է, որ կարողացած է Հայաստանի սահմանները ընդլայնել եւ տարածել ծովէ ծով: Միակն է, որ Հայաստանը վերածած է կայսրութեան… Եթէ մեր պատմութեան ընթացքին քանի մը Տիգրաններ ունեցած ըլլայինք, մեր պատմութիւնը, հաւանաբար, տարբե՜ր ուղղութիւն ստանար: Տիգրանի գահակալութենէն երկու հազար տարի ետք, Տիգրանակերտի մէջ, բոլո՛ր քրիստոնեաները հայերէն կը խօսէին: Խաչ հանողը հայ քրիստոնեայ կը սեպուէր: Ահա Տիգրանի ուժին մարմնացումը»(78):

Տիգրանակերտում է գտնւում եօթ խորան ունեցող Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որը հետագայում պիտի վերակառուցուէր, օծուէր 2012-ին, գործէր, յետոյ նորից աւերուէր նոյն ջարդարարի ձեռքով:

Ապա ուխտաւորներն այցելում են Մուշ, պատմական Տուրուբերան աշխարհ, Տարօն գաւառ: Մուշը եղել է գրչութեան կեդրոն, 1915-ին այստեղ ապրել է 9000 հայ, գործել է եօթ եկեղեցի: Տարօնի Հացեկաց գիւղում է ծնուել եռամեծ սուրբը` Մեսրոպ Մաշտոցը: Հայոց աշխարհի ամենամեծ սրբավայր-ուխտավայրերից մէկը եղել է Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը: Այս կողմերն անապահով են համարւում քրտական հաւանական յարձակումների պատճառով, եւ ուխտաւորներին չի արտօնւում մեկնել վանք: Նայելով անկատար մնացած երազի` սրբատեղիի ուղղութեամբ` հեղինակը մրմնջում է, եւ ծնւում է նոր բանաստեղծութիւնը. «Զաւակներդ խունկ ու մոմով ոտքդ եկան, բայց չհասան…»(88):

Ուխտաւորների խմբի կէսը ուղղութիւն է վերցնում դէպի Վան: Վան տանող ճանապարհն անցնում է Պիթլիսով, որտեղ ծնուել են Ուիլիըմ Սարոյեանի ծնողները: Ճանապարհ ընկնելուն պէս հեղինակն անհուն կարօտով ու սիրով սկսում է խօսել Վանի մասին, որը հայոց (այսօր աւելի ու աւելի շատ գիտնականների պնդմամբ` աշխարհի) պատմութեան սկզբնավայրն է: Ըստ այդմ` նա խորհրդանիշն է սկզբի, խորհրդանիշն է դրախտի, խորհրդանիշն է յաւերժութեան:

Ի՞նչ էր Վանը մինչեւ 1915-ը: «Վան եղած է Արա Գեղեցիկի, Երուանդեան (Դ-Բ դար Ք.ա.) եւ Արծրունեաց հարստութեանց մայրաքաղաքը (908-1021). 1915-ին Վարագայ վանքը Վանի առաջնորդանիստ վայրն էր: Հայութեան թիւը եղած է 23000, որոնք ունեցած են հետեւեալ եկեղեցիները. Ս. Տիրամայր կամ Ս. Նշան, Ս. Պետրոս, Ս. Պօղոս, Ս. Էջմիածին, Ս. Ստեփանոս, Ս. Վարդան, Ս. Սահակ, Ս. Ծիրանաւոր եւ Ս. Աստուածածին, որ ամէնէն մեծ եկեղեցին եղած է: Վանի աշակերտներուն թիւը եղած է 4000: Վանի մէջ Խրիմեան Հայրիկ հաստատեց գաւառի առաջին թերթը` «Արծուի Վասպուրականի»-ն. 1872-ին բացաւ աղջկանց առաջին դպրոցը եւ հաստատեց Վարագայ վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանը: Վանը հանդիսացաւ հայ ազատագրական շարժման կարեւոր կեդրոններէն մին… Վասպուրականը կերտեց իր հերոսամարտը 1915-ին ապրիլ 7-էն մայիս 6…» (90): Խօսել կարելի է անվերջ:

Ի՞նչ է այսօրուայ Վանը… Այստեղ եւս Մարգարեանը բախւում է հակախորհրդանիշերի, չսպիացող վէրքի ու այրող ցաւի հետ ու գրում «Հակապատկեր» չափածոյ խորհրդածութիւնը:

Ուխտաւորներն այցելում են Վանայ ծով, Աղթամար կղզի, Սուրբ Խաչ եկեղեցի, Վարագավանք, Նարեկավանք, որից երկու աղիւս է միայն մնացել, մագլցում են Սուրբ Գրիգոր Նարեկացու ճգնարան, Մհերի դուռ:

Բզնունեաց ծովակի ափին հեղինակը դէմքն է թրջում աղի ջրով` յիշելով հօրը, որը մանուկ հասակում ո՞վ գիտէ, թէ ի՛նչ երջանիկ պահեր է այստեղ ապրել, հօր մանկութեանն է հակադրում իր մանկութիւնը` արդէն անցած օտարութեան մէջ ու գրում «Վանայ ծովու ափին» բանաստեղծութիւնը.

Կը մրմնջեմ ես յուշիկ`
Ծո՜վ, պարուրէ ինձ մէջդ:
Քեզի շա՜տ եմ երազեր,
Քեզ որբութիւնս եմ բերեր…(94)

Խորը կսկիծով է Հրանդ Մարգարեանը խօսում նաեւ Վարագավանքի երբեմնի փառքի եւ ներկայ անմխիթար վիճակի մասին, նաեւ Աղթամարի Սուրբ Խաչ հոյակերտ եկեղեցու, նրա անկրկնելի զարդաքանդակների, Մանուէլ ճարտարապետի տաղանդի, հրաշքը մի փոքր վայելելու եւ բաժանման կրծող պահի մասին, որտեղ «մթութիւնը կ՛իջնէ: Լուսին ալ չկայ: Կայ բացարձակ խաւար մը: Մութին մէջ չ՛երեւար կղզին… չ՛երեւար նաեւ որբացած խաչը… Կայ միայն սարսափելի լռութիւն մը, որ կը կրծէ էութիւնս…»(112):

Վանի պանդոկի ճաշարանում Հրանդ Մարգարեանը «Տլէ եաման» է երգում: Այս երգը վանեցիների խորհրդանիշերից մէկն է. նրանք այն երգում էին բոլոր` ուրախութեան թէ տխրութեան պահերին, իսկ հեղինակը դա այսպէս է բնորոշում. «Երգս բոլոր լռած աշուղներու… եւ ինծի` անկոչ հիւրիս համար է. նաեւ` բոլոր անոնց, որոնց պապերը այստեղ կ՛ապրէին ընդամէնը ութսուն տարի առաջ»(102):

Վանի վերջին կանգառը Շուշանց գիւղն է, հեղինակի հայրենիքը, հօր ծննդավայրը: Սա նաեւ Հրանդ Մարգարեանի անհատական խորհրդանիշն է, եւ պատահական չէ, որ այստեղ ուղեգրութիւնը ձգւում է, ներառում այլեւայլ պատմական փաստեր, հոգեբանական շերտեր, փիլիսոփայական խորհրդածութիւններ: «Ըստ Խրիմեան Հայրիկին Շուշանց գիւղին մօտ եղած է Կարմրաւոր վանքը, կառուցուած` Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին կողմէ, որուն տեսիլին մէջ Մարիամ Աստուածածին երեւցած է կարմիր զգեստով, այդ պատճառով ալ վանքը կոչուած է Կարմրաւոր վանք: Հոն եղած է նաեւ Լուսաւորչի ճգնավայրը, ուր Խաչի տօնին առթիւ քաղաքէն ու գիւղերէն ժողովուրդը ուխտի կու գար: Գիւղին մէջ կար եւ Շուշանցի Ս. Գէորգ եկեղեցին եւ Շուշանիկ իշխանուհիի խաչքար-դամբարանը… Հօրս ձայնը ականջիս մէջ է` «եկեղեցւոյ մէջ դպրութիւն կ՛ընէի… Կը մտաբերեմ` հո՞ս, այս վայրի՞ն մէջ, հայրս շապիկ հագած ու շարակա՞ն երգած է, մեր բարեպաշտ ժողովուրդը հո՞ս եկած է ուխտի: Տիրող ամայութեան պէս, ապտակուած ու չորցած եմ ես ալ: Չեմ գիտեր` ինչ կը զգամ» (116-118):

Յաջորդ օրը Հրանդ Մարգարեանն անջատւում է խմբից եւ կրկին այցելում Շուշանց` ուխտը կիսատ չթողնելու, Շուշանցի նորանոր խորհրդանիշերը փնտռելու: Քրտերի հետ երկար հարցուփորձը Ապարանջան աղբիւրի մասին մնում է ապարդիւն, գտնում են մի այլ աղբիւր, որից ջուր է վերցնում հեղինակը, երկար քայլում է պապենական գիւղի փողոցներով, նայում Ձիանթռնուկ ժայռակտորին եւ ուխտում.

Ծունր եկած ես կ՛ուխտեմ`
սրբապղծուած վայրերուն
արմատախիլ մայրերուն,
թէ օղակ մ՛եմ ես կարծր
այն շղթային փշրուած
որ իմ ծնունդը կապեց
այս ժայռերու գագաթին…(128)

Նաեւ յաւելում. «Հոգւոյս մէջ հողիս կորուստը, ձեռքս` շիշ մը պապենական աղբիւրի ջուր, կը հեռանամ Շուշանցէն: Վերադարձիս խօսելու տրամադրութիւնս ամբողջովին չքացեր է… Բայց Ապարանջան աղբիւրը գտնելու վճռակամութիւնս անխախտ է: Օր մը պիտի գամ նորէն, պիտի գամ նախնիներուս ջուրով օրհնուելու…» (124):

Ինչպէս միշտ երկակի զգացումներով լեցուն` ուխտաւորներն ուղեւորւում են դէպի Կարս ու Անի: Ճանապարհը երկար է` մօտ եօթ ժամ, եւ ընթանում է Արարատի փեշերով: Արարատն արդէն աշխարհի ցանկացած անկիւնում ապրող իւրաքանչիւր հայի եւ ողջ հայութեան խորհրդանիշն է: Հայն «Արարատ» է անուանել իր սրտին ամենամօտն ու հարազատը իր զաւակից, իր բնակավայրից սկսած մինչեւ իր սիրելի ֆութպոլային ակումբը: Սրբազան լերանը ձօնել է բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, նրա նկարներով զարդարել իր շրջապատը:

1984-ին Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի օրհնութեամբ լոյս է տեսնում Արարատի ալպոմը` կազմուած քառասուն նկարներից եւ հայ ու այլալեզու անուանի ստեղծագործողների Արարատին նուիրուած քառասուն ստեղծագործութիւններից կամ հատուածներից` խորքի մէջ նպատակ ունենալով լինել «Հրաւէր հայրենեաց, կոչ արդարութեան եւ ստուգութիւն գալիք յաղթութեանց»(3):

Իսկ քառասունի այս շարքը բացւում է Աստուածաշնչի տողերով. «եւ նստաւ տապանն յեւթներորդում ամսեանն ի քսան եւ յեւթն ամսոյն ի լերինս Արարատայ»(4):

Ուխտաւորները եւս անզուսպ ցանկութիւն ունեն լուսանկարել ու լուսանկարել Արարատը, սակայն հեղինակը յանկարծ հասկանում է, որ. «անկարելի է այս լեռը նկարել: Չկա՛յ, ո՛չ լուսանկարչական գործիք, ո՛չ ալ նկարչական տաղանդ, որ կարողանայ այս ամբողջութիւնը սահմանել: Շրջանակով չի՜ կաշկանդուիր… Միայն աչքով պէտք է տեսնել եւ հոգիով ըմբոշխնել իր յարափոփոխ խորհրդաւորութիւնը» (130):

Ու դարձեալ չափածոյ խորհրդածում է.

Տո՜ւր ինձ` որ խմեմ քար լռութիւնդ:
Տո՜ւր ինձ` որ ապրիմ դառն մենութիւնդ:
Տո՜ւր ինձ` որ դառնամ խաչելութիւնդ: (132)

Յաջորդում է Բերկրիի հրաշագեղ ջրվէժը, ապա Իգտիր, Կարս, Կարսի Սուրբ Առաքելոց եկեղեցի` կառուցուած Աբաս Բագրատունու օրօք, 928-953թթ.: Եկեղեցին կանգուն է, բայց չկայ կողքի զանգակատունը, ուխտաւորները միայն կողքի պատուհանից հանուած ձողի շնորհիւ են կարողանում ներս սողոսկել. «Խորանը պարապ, գմբէթը պատկառելի», սակայն կայ ցնցող սառնութիւն, որ թափանցում է մինչեւ հոգու խորքը:

Յաջորդ կանգառը Անին է` հազար ու մէկ եկեղեցին, եւ Հրանդ Մարգարեանը դարձեալ մտովի վերադառնում է պատմութեանը: Անին եղել է Բագրատունեաց հարստութեան մայրաքաղաքը եւ հոգեւոր, մշակութային, տնտեսական մեծ կեդրոն, որի մասին կարելի է շատ երկար խօսել: Նորից ու նորից «ներկան կը հակադրուի հազարամեայ շքեղանքին: Քանի մը եկեղեցի, մէկ մզկիթ, փլատակներ ու քարե՜ր, քարե՜ր, որոնք բողոքող մացառներու պէս մարդուս ոտքերուն կը փաթթուին»(138):

Ուխտաւորներն այցելում են Անիի մայր տաճարը` կառուցուած Տրդատ Ճարտարապետի կողմից, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (աւելի ծանօթ` Տիգրան Հոնենցի եկեղեցի անունով), Սուրբ Գրիգոր (Ապուղամրենց), Սուրբ Փրկիչ եկեղեցիները: Սրտաճմլիկ է յատկապէս վերջինը, որը ոչ կանգուն է, ո՛չ էլ փլուած, այլ` կիսուած եւ յիշեցնում է մեր ազգային ճակատագիրը: Եթէ առաջ Անին ծաղկուն կեանքի խորհրդանիշն էր, այսօր աւերակուածութեան խորհրդանիշն է, եւ հեղինակը խոր ցաւով յիշում է ժողովրդական ասացուածքը` «Անին շէն, աշխարհս աւեր, աշխարհս շէն, Անին աւեր…» (150):

Հետեւում է Կարսից թռիչք Պոլիս, այցելութիւն հայ գրողների շիրիմներին, ապա թռիչք` Նիւ Եորք, տուն… արդեօ՞ք այստեղ պէտք է լիներ հայ մարդու տունը…

Ամբողջ ուղեւորութեան ընթացքին Հրանդ Մարգարեանն ուշի-ուշով հետեւում է յուշարձանների ցուցանակներին, զբօսաշրջիկների համար պատրաստուած գունաւոր գրքոյկներին, ապա արձանագրում. «Պատմական Հայաստանի իմ ուղեւորութեան, միա՛կ տեղը, ուր «հայ» բառը տեսայ, Աղթամար կղզին տանող նաւահանգիստին ափին` ցուցատախտակի մը վրայ էր, ու կ՛ըսուէր. «Եկեղեցին կառուցած է ճարտարապետ Մանուէլ, Վասպուրականի հարստութեան հայ թագաւոր Գագիկի ժամանակ»»(170):

Ի՞նչ է եղածը, եթէ ոչ` մշակութային ցեղասպանութիւն, «որ կը միտի վերջնականապէս անէացնել Հայ դատը» (172):

Մէկ անգամ եւս խորհրդանշաններն ու հակախորհրդանշանները հակադրւում են միմեանց` կրկին պատճառելով անասելի տառապանք. «Անցեալը` պայծառ, ներկան` փլատակ: Անցեալը` հայերով լեցուն, ներկան` քիւրտերով եւ թուրքերով: Անցեալը` հայ մշակոյթի օրրան, ներկան` հայ մշակոյթի գերեզման: Անցեալը` շէն ու շէնշող, ներկան` քանդուածութիւն, ոչնչացում եւ անէացում…» (172):

Սակայն, ինչպէս շատ յաճախ, այս անգամ եւս տառապանքից ծնւում է Ճշմարտութիւնը, եւ ամբողջանում է Երկրի քառաձայն պատարագի պատգամը. «Ամէ՛ն գնով, առանց որեւէ՛ վերապահութեան, ամբողջակա՛ն նուիրումով` զօրացնել ինծի պատկանող մեն ու միա՛կ հողը` Հայաստանը» (184):

* * *

Այս տողերը թղթին յանձնելուց անցել է ուղիղ քսան տարի: Այս քսան տարիները (ինչպէս նաեւ դրանց նախորդածները) փաստում են, որ Հրանդ Մարգարեանը հաւատարիմ մնաց աղաղակող քարերի երկրի քառաձայն պատարագի պատգամին եւ իր խոստմանը: Նրա կեանքը եղաւ նուիրում` Հայրենիքի շէնացման գործին:

Հրանդ Մարգարեան մարդու եւ ստեղծագործողի մասին կարելի է անվերջ խօսել, ինչը հնարաւոր չէ մէկ յօդուածի շրջանակում: Տեղի սղութեան պատճառով բաւարարուենք այսքանով, երկար տարիների առողջ կեանք ու բեղուն գործունէութիւն մաղթենք Հրանդ եւ Ժանետ Մարգարեաններին` ի պայծառացումն մեր հայրենիքի եւ ի վայելումն մեր ժողովրդի:

————–

1.- Հրանդ Մարգարեան «Քառաձայն պատարագ», Նիւ Եորք, 1998, էջ 16: Այսուհետեւ այս գրքից կատարուող մէջբերումների էջերը կը նշուեն խօսքաշարում` փակագծերի մէջ:

2.- Էդ. Ջրբաշեան, Հ. Մախչանեան, «Գրականագիտական բառարան», Ե., 1980, էջ 145:

3.- Վազգէն Ա., Կաթողիկոս ամենայն հայոց, «Արարատ», Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածին, 1984:

4.- Աստուածաշունչ մատեան, Հին կտակարան, Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութիւն, 1997, էջ 7:


Ռեփլիքի Կարգով

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Յօդուածագիրին մտահոգութիւնները տեղին գտնելով հանդերձ, պարզապէս կ՛ուզենք նշել, որ «Ազդակ»-ի 5 հոկտեմբերի մեր թիւով անդրադարձած էինք Արարայի ճակատամարտի 100-ամեակին` յատուկ յօդուածով մը, որ կը կրէր «Հարիւրամեակ Արարայի յաղթանակին . Պաղեստին (14 սեպտեմբեր 1918-1919¬սեպտեմբեր 2018) Արեւելեան Լեգէոնը կը դառնայ հայկական լեգէոն – Légion Arménienne» խորագիրը եւ Լեւոն Ճերմակեանի ստորագրութիւնը (http://www.aztagdaily.com/archives/410900):

ԽՄԲ.

Այսօր ոչ ոք չի կասկածում` սփիւռքը օր օրի հիւծւում է, նուաղում: Բոլորը դա տեսնում են եւ անխտիր տագնապի լալահառաչ ձայն բարձրացնում` ի՞նչ անել, թէեւ այդ ձայնն  էլ արդէն հնչում է հռետորականի պէս ու սիրտ չի մտնում, որ այն թունդ հանի: Ուրեմն, իսկապէս, ի՞նչ անել: Գուցէ պէտք է յետահայեաց փորձենք ոչ թէ միայն արձանագրել եղածը, այլ հասկանալ` ի՞նչ կարելի էր անել, որ  այդպէս էլ չենք արել ու շարունակում ենք չանել: Գուցէ ժամանակն է դադարեցնելու մինչ օրս կեանքից կտրուած, անհեռանկար, ինքնանպատակ, սին ու անարդիւնք բանավէճերը, որոնք տեղի են ունենում կարծեցեալ ճիշդ ու սխալի արանքում, եւ հասկանանք, որ նման գործելակերպով մեր մատաղ սերնդին ենք անհոգութեան մատնում ու դրանով իսկ մաշեցնում ազգային ոգին, պոկոտում նրա թեւերը ու ի վերուստ թռչելու համար ծնուածներին լաւագոյն դէպքում քայլեցնում ենք: Զարմանալի է, բայց եւ անուրանալի իրականութիւն, որ հայութեան մէջ ազգային գործիչները բազմահազար են, իսկ ազգին նուիրեալները` յատուկենտ, որը եւ յանգեցրել է ազգային ոգեղէնութեան  սովին: Ահա ինչի պակաս ունեն սփիւռքն ու Հայաստանը: Ահա, ինչպէս ժողովուրդը կ՛ասէր, որտե՛ղ է թաքնուած շան գլուխը: Հաւանաբար ոմանք ինձ հետ մասամբ չհամաձայնուեն կամ ընդհանրապէս չընդունեն, միեւնոյնն է, դրանից իրականութիւնը չի փոխուի: Վերջապէս  հայութիւնը պիտի գիտակցի` իր գոյի երաշխաւորը ազգային ոգեղէնութիւնն է, որ  նրա շարժիչ ուժն է, եւ այն ունակ չէ տարրալուծուելու  ոչ մի պարագայում ու ոչ մի միջավայրում: Այն ընդհանրական արարող ընթացք է, ինչը յարգել ու սիրել է պէտք, ինչը եւ  կը փոխհատուցի մի իմաստութեամբ, որն արդարացնում է մարդկային ծնունդի առաքելութիւնն ու յաւերժութեան խորհուրդը ազգի ինքնութեան` իբրեւ թեւ ու թիկունք Արարատին, ասել է թէ` հայկականութեանը: Ազգային ոգեղէնութիւնը յիշողութեան կենարար ուժանիւթն է: Յիշողութիւնը հայրենիք է: Յիշողութիւնը ես եմ , դու ես , նա է, մեր ներկան է: Աստուած չանի` խաթարուի մեր յիշողութիւնը, խաթարուի հայի ոգեղէն ընթացքը, որի յայտնութիւնն է հայ ժողովրդի պատմութիւնը: Բայցեւայնպէս ինձ անհանգստացնում է այն միտքը, որ խորհրդային ժամանակաշրջանում խեղաթիւրուած պատմութիւնը հիմա էլ ընթանում է իներցիոն տրամաբանութեամբ ու շարունակում է խորացնել ինչ-որ չափով մեր ճաք տուած յիշողութիւնը: Կարծում եմ` այսօր աւելի քան անհրաժեշտ է հայի յիշողութեան թարմացում, որպէսզի փակուեն այն ճաքերը, որ առաջացել է օտար ուժերի շահերը սպասարկող բռնութիւնից, ինչը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ` բռնաբարուած ճշմարտութիւն:

Վերջերս աննկատ անցաւ Կիլիկիայի ազատագրութեան համար կազմաւորուած, հայկական լեգէոնիէ յաղթական Արարայի ճակատամարտի

100-ամեակը, ճակատամարտ, որը համաշխարհային պատմութեան մէջ յայտնի պաղեստինեան ռազմաճակատում Մեկիտոյի ճակատամարտի փառապանծ յաղթանակին  նպաստ բերած սխրանք է: Հայի զէնքը շառաչեց յանուն արդարութեան, իրաւունքի ու վրէժի: Հայկական լեգէոնի կամաւորական զինուորները հային վերադարձրին Եղեռնով խոնարհուած ազգային արժանապատուութիւնը: Հայ զինուորները մարտադաշտում կեանքի գնով խնկարկեցին յիշատակը նահատակաց ու վաստակեցին արիւն-քրտինքով հայրենիքին տէր կանգնելու արդար իրաւունքը: «Հայկական լեգէոնը» մարտերում միայն յաղթանակներ տօնեց: Հայ կամաւորական զինուորը իրենից կախուած ամէն ինչ արեց, որ նպատակին հասցնի ազգային-ազատագրական իւրատեսակ շարժումը, որն ինքնաբուխ առաջացել էր Կիլիկիայի ազատագրութեան համար: Այն այնքա՜ն վիթխարի էր, որ մէկ մարդու կամ կուսակցութեան խելքի բանը չէր. կարող էր անել ժողովուրդը: Հայ զինուորը մտաւ Կիլիկիա, բայց, ցաւօք, հայ դիւանագէտը պարտուեց: Ուրեմն` ի՞նչ է, չյարգե՞նք հայրենեաց զինուորի յիշատակը: Այսօր մատաղ սերունդը ազգի մահապարտով կրթուելու ու հպարտանալու անհրաժեշտութիւն ունի ու իրաւունք` որպէս նրա արժանաւոր ժառանգ: Ի վերջոյ նրանց հանդէպ ակնածանքի ու սիրոյ խոնարհումի պարտականութիւնը  ո՞վ իրաւունք ունի խլելու իր քաղաքական կարճատեսութեամբ: Ի հարկէ, ոչ ոք: Այդ դէպքում, ինչո՞ւ այսօր անտեսուեց համաժողովրդական ինքնաբուխ շարժումը, որն իր ճանապարհին ունեցաւ Արարայի յաղթական ճակատամարտը 1918 թուականին. ժողովուրդն այն հաւասարեցնում էր Ղարաքիլիսային, Բաշ Ապարանին, Սարդարապատին: Ո՞ւր են նայում սփիւռքի աւանդական կուսակցութիւնները, հազար ու մի կազմակերպութիւնները, հոգեւորականն ու աշխարհիկը. չէ՞ որ կամաւորական լեգէոնականները մեր պապերն էին եւ մեզ համար էին իրենց թանկագինը` կեանքը դրել հայրենիքի զոհասեղանին: Նման անյարգալից վերաբերմունք հայրենասիրական, հայրենապաշտական, նուիրումի ու  մաքուր ազգային ոգեղէն երեւոյթի նկատմամբ չգիտեմ ինչպէս բնութագրեմ, մանաւանդ սփիւռքից զատ , երբ ունենք հայկական պետութիւն` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ: 100 տարուայ ընթացքում, բացի 1927 թուականին Երուսաղէմի Սուրբ Փրկիչ վանքի ազգային գերեզմանոցում Արարայի քաջերին կանգնեցուած մահարձանից, աշխարհում ոչ մի տեղ, գէթ մէկ յիշատակի յուշարձան կամ խաչքար չտեղադրուեց, փողոց, դպրոց, մշակոյթի օջախ չկոչուեց: Ներողութիւն, թերեւս միայն Հրազդան քաղաքում է, որ կայ մշակոյթի կեդրոն ու պարի համոյթ` «Արարա» անունով: Ինչեւէ, գոնէ Ա. Աշխարհամարտի աւարտի

100-ամեակի օրերին աշխարհին յիշեցնենք, որ մենք Ա. աշխարհամարտի յաղթող Դաշնակցային ուժերի «փոքր դաշնակիցն» էինք: Զարմանալի է, որ Պէյրութում Լիբանանի հայերը հոկտեմբերի 6-ին չնշեցին ու չտօնեցին ազատագրուած Պէյրութ առաջինը մտած հայ լեգէոնականների փառաւոր գործը: Այո՛, 1918 թուականի հոկտեբերի 6-ին ազատագրուած Պէյրութը մտաւ Հայկական լեգէոնի երրորդ գումարտակը, որից յետոյ ճանապարհը դէպի բաղձալի Կիլիկիա բաց էր: 1918 թուականի դեկտեմբերի 17-ին Հայկական լեգէոնի զինուորները ոտք դրեցին երազած Կիլիկիան: Արդեօք այս փաստի 100-ամեակը արժանավայել յիշուելո՞ւ է:

Կար ժամանակ, երբ հայը հային աշխարհի որ անկիւնում էլ հանդիպում էր, անպայման հարցնում էր` բնիկ որտեղացի՞ ես: Նոր ժամանակներում աւելի քան անհրաժեշտ է անսալ արմատներում յորձանք տուող արեան կանչին ու hասկանալ` որտեղի՞ց, ինչպէ՞ս եւ ու՞ր ենք գնում: Այնժամ հայրենիքը կ՛ունենայ յարգարժան զաւակներով կերտուած ճշմարիտ կենսագրութիւն, ոչ թէ մարդկանց մտքերը լղոզած, իրականից դուրս, աղաւաղուած ու քաղաքականացուած պատմութիւն:

 

 

Ոչ Թէ Ծոյլ, Այլ` Ուսումնական Յատուկ Կարիքներ Ունեցող

$
0
0

ՇԱՂԻԿ ԿՈԿՈՆԵԱՆ-ՉԱՄԻՉԵԱՆ

Կրթական վերամուտը ընթացք առաւ, եւ դպրոցական տարեշրջանը գտաւ իր սովորական ընթացքը: Հանդիպեցանք ժպտուն դէմքերով աշակերտներու եւ ծնողներու գեղեցիկ նկարներու: Լսեցինք դպրոցներու աշակերտութեան թիւին, ուսումնական ծրագիրներուն եւ դպրոցներու վերանորոգման աշխատանքներուն մասին:

Բայց շատ քիչ կ՛անդրադառնանք այն ոսկեայ կամքով աշակերտներուն, որոնց համար, ցաւ ի սիրտ, եւ` մեր յանցանքով, վերամուտը այնքան ալ ուրախ առիթ մը չէ:

Բաւարար չափով չենք անդրադառնար այն ծնողներուն, որոնք չեն յուսահատիր եւ յարատեւ պայքար կը մղեն իրենց զաւակներուն ապագան ապահովելու: Այո՛, խօսքս ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու մասին է, որոնք ներկայ են դպրոցներէն ներս, եւ այլեւս ժամանակը հասած է, եթէ ուշ չէ արդէն, խօսելու անոնց մասին եւ աւելի մօտէն հետեւելու անոնց համար տարուող աշխատանքներուն:

Թերեւս զարմանաք, որովհետեւ, երբ հայ աշակերտ կ՛ըսենք, մեր պատկերացումն է «աշխատասէր», «փայլուն», «տիպար» հայ աշակերտը, չակերտեալ աշխատասէր, փայլուն եւ տիպար հայ աշակերտը, որովհետեւ այն աշակերտները, որոնց մասին կ՛ուզեմ խօսիլ, այդ բոլոր յատկանիշները կ՛ամբողջացնեն:

Դժբախտաբար ան, որ այս մարզին մէջ չ՛աշխատիր կամ չէ հանդիպած այսպիսի պարագայի մը, տեղեակ չէ այն հսկայական աշխատանքէն, որ արդէն իսկ սկիզբ առած է, բայց տակաւին երկար ճամբայ ունի կտրելիք:

Համաշխարհային վիճակագրութիւններ կը հաստատեն, որ դասարանի մը աշակերտութեան 10-15 տոկոսը կը ներկայացնէ տարբեր տեսակի ուսումնական դժուարութիւններ, ըլլան անոնք գրելու եւ կարդալու (dyslexia, dysorthographia), կեդրոնացումի (ADHD), հաղորդակցութեան (communication disorders), թէ թուաբանական կարողութիւններու (dyscalculia) հետ առնչուած:

Պիտի վիրաւորեմ հայկական գերակայութեան բարդոյթը, երբ ըսեմ, որ նոյնն է պարագան հայկական վարժարաններուն մէջ: Կը շեշտեմ` չեմ խօսիր «ծուլութեան» մասին, այլ` լուրջ դժուարութիւններ ունեցողներու: Դժուարութիւններ, որոնք կը բարդացնեն այս աշակերտներուն ամէնօրեայ կեանքը, մանաւանդ երբ չենք հասկնար զիրենք եւ կը մերժենք պէտք եղած օժանդակութիւնը անոնց ապահովել:

Չհամարձակինք այս թանկագին երեխաները կոչել «ծոյլ» եւ վնասել անոնց հոգեկան աշխարհը, նոյնիսկ` մէկ առ հարիւրով ժխտական ազդեցութիւն ունենալ անոնց կամքի ուժին վրայ եւ խոչընդոտ դառնալ անոնց ապագայի ձեռքբերումներուն եւ յաջողութիւններուն: Թերեւս կը չափազանցեմ, բայց իրականութեան մէջ փոքր, շա՛տ փոքր եւ անգիտակից վերաբերմունքով է, որ կրնանք լաւ կամ վատ ազդեցութիւն ունենալ այս անհատներուն վրայ:

Անհատ, ոչ թէ` միայն աշակերտ: Այս անհատները ապագային մաս պիտի կազմեն մեր ընկերութեան եւ իրենց ներդրումը պիտի ունենան հաւաքական կեանքին մէջ: Մեր բոլորին պարտականութիւնն է պատրաստել զանոնք հաստատ քայլերով դիմագրաւելու կեանքը դպրոցական տարիներու աւարտէն ետք: Պէտք է օգնենք անոնց, որ շրջանցեն իրենց դժուարութիւնները եւ դառնան ինքնավստահ ու ինքնաբաւ:

Մենք պէտք ունինք գրչին, սուրին եւ բահին, որպէսզի գոյատեւենք իբրեւ ազգ: Այսօրուան պայմանները կը պահանջեն, որ նոյնիսկ բանուորը որոշ ուսման մակարդակ ունենայ: Պայման չէ, որ ամէն անհատ դառնայ լեզուաբան կամ բժիշկ, որպէսզի յաջողած համարուի կեանքին մէջ: Ուսման յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտը կը փայլի այլ մարզերու մէջ, ան գծելու ձիրք ունի, լաւ դաշնակահար է եւ կամ ունի վերլուծական միտք, ան կրնայ դառնալ գիտնական, եթէ կարենայ յաղթահարել իր գրելու դժուարութիւնները, եթէ որոշենք զանց առնել անոր ուղղագրական սխալները: Կ՛ապրինք արհեստագիտութեան դարը, ուր կարելի է գտնել միջոցներ, ձեւեր, լուծումներ` ամէն տեսակի դժուարութիւններու: Օրինակներ են, զորս կը ներկայացնեմ, պարագաները շատ են եւ իւրայատուկ:

Սիրելի՛ ծնողներ, սորվեցուցէք ձեր զաւակներուն հաւասար աչքով նայիլ բոլորին, ընդունիլ եւ օգնել ընկերներուն, երբ դժուարութիւններ դիմագրաւեն, չդատել եւ չբռնաճնշել:

Սիրելի՛ ծնողքներ ուսումնական յատուկ կարիք ունեցող աշակերտներու, կը սրտակցիմ ձեզի: Բնաւ չյուսահատիք եւ շարունակեցէք պահանջել ձեր իրաւունքները, որովհետեւ ձեր զաւակը, որքան ալ մեծ ըլլան անոր դժուարութիւնները, իրաւունք ունի ուսման:

Սիրելի՛ ուսուցիչներ, ձեր դերը շատ մեծ է: Դուք էք, որ պիտի ապահովէք այնպիսի միջավայր, ուր այս երեխաները պիտի զգան ապահով, չյուսահատին եւ սիրեն դպրոցը` հակառակ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Անոնք ձեր աչքերուն մէջ պիտի փնտռեն եւ ուզեն տեսնել, զգալ որ իրենք ալ` ինչպէս մնացեալը, մաս կը կազմեն այդ դասարանին եւ ընդունուած են այդտեղ:

Ձեր յաջողութիւնը կարող աշակերտին արդիւնքներուն մէջ չէ որ պէտք է փնտռէք, այլ` այն աշակերտին, որ մարտահրաւէր կը ներկայացնէ, այն աշակերտին, որուն ամէն մէկ փոքր նուաճումը պէտք է արժանանայ քաջալերանքի, նոյնիսկ եթէ, բաղդատաբար դասարանի մակարդակին, ան տակաւին հեռու է: Այդ փոքր, բայց իրենց համար մեծ նուաճումներուն մէջ է, որ պէտք է փնտռէք ձեր յաջողութիւնը:

Վերջապէս, տէր ըլլանք մեր զաւակներուն: Հայը իր զաւակը չի թողուր, որ մանաւանդ` դժուարութեան առջեւ: Ընդունելով հանդերձ, որ դիւրին չէ, կայ մարդուժի կարօտ. յաճախ խոչընդոտներու պիտի հանդիպինք, բայց պայքարինք, դուրս ելլենք մեր ապահով պղպջակներուն մէջէն, սրտաբաց ընդունինք այս երեխաները, ըլլանք լայնամիտ եւ ընդգրկենք նորութիւններ մեր ծրագիրներուն մէջ:  Փորձառու ըլլալը այդ մէկը կը պահանջէ: Կատարենք պէտք եղած փոփոխութիւնները եւ հայ ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտը չձգենք հասնի օտար հաստատութիւններ: Այդ մէկը ձախողութիւն է մեզի համար:

Գիտական եւ մանկավարժական մօտեցումով բոլորս միասին աշխատինք` ի շահ ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող հայ աշակերտին:

 

 

 

Հայաստանի Նոր Բարեկամները` Ըստ Ճոն Պոլթընի

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընը hայաստանեան իր առաքելութիւնը լրումին հասցուց` առանց յուսախաբ ընելու: Ան չթաքցուց իր կառավարութեան հետապնդած նպատակները տարածաշրջանէն ներս եւ չքողարկեց ամերիկեան ակնկալիքները Հայաստանէն:

Պոլթընը նոյնիսկ խոյս չտուաւ Հայաստանի մէջ իշխանութեան փոփոխութիւնը հովանաւորողի տպաւորութիւնը ձգելէ: Ոգեւորուած իր թողած տպաւորութենէն` թելադրական ոճով ան յայտնեց լրագրողներուն. «Եթէ (դեկտեմբերի) ընտրութիւններու արդիւնքներով Փաշինեանը եւ իր քաղաքական խմբակը մեծ մանտաթ ստանան, ատիկա լաւ հնարաւորութիւն կ՛ըլլայ (ղարաբաղեան խնդրի) կարգաւորման հարցի մէջ վճռական քայլերու համար»:

Կասկած չկայ, թէ Պոլթընին համար ի՛նչ կրնան ըլլալ այդ վճռական քայլերը, երբ նկատի ունենանք շաբաթ մը առաջ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնաւարտ դեսպան Ռիչըրտ Միլզի եւ քանի մը օր առաջ Պաքուի մէջ Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին  համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի խրատականները: Այս երկու դիւանագէտները կը յորդորէին Հայաստանը, պարզ եւ մեկին, որ խաղաղութեան պայմանը հողերու վերադարձն է:

Սակայն, հետեւելով Պոլթընի դիւանագիտական տողանցքին, ի յայտ կու գայ, որ Միացեալ Նահանգներու համար հողերու վերադարձով «խաղաղութիւն»-ը ոչ թէ նպատակ է, այլ` միջոց: Բուն նպատակը այլ բան է: Այդ նպատակը Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագիծին վրայ չի գտնուիր, այլ` Հայաստան-Իրան սահմանագիծին վրայ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի հարցազրոյցին ընթացքին, Պոլթըն հաստատեց թէ իր կառավարութիւնը հետամուտ է «սեղմել Իրանի շուրջ օղակը»: Հետեւաբար պէտք չէ միամիտ ըլլալ ու խաբուիլ, երբ Պոլթըն կը պնդէ, որ «Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները մեզի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունին», որովհետեւ այս «ռազմավարական նշանակութիւնը» գլխաւորաբար կը վերաբերի «Իրանի շուրջ օղակը սեղմել»-ու գործին մէջ Հայաստանին վերապահուած դերակատարութեան:

Ոչ թէ «խաղաղութեան» համար, այլ «օղակը սեղմելու» համար է, որ կարեւորութիւն կը ստանայ ղարաբաղեան հարցին լուծում բերելու ամերիկեան շտապողականութիւնը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի հայ-իրանական դարաւոր բարեկամութեան, Պոլթըն հարց չի տեսներ, եթէ այդ բարեկամութիւնը այս գործընթացով վատթարանայ, որովհետեւ Հայաստան այլընտրանք ունի: Այսինքն Հայաստանի համար այլ հարեւան երկիրներու հետ նորոգեալ բարեկամութիւններ հաստատելու առիթը կ՛ընծայուի:

Բացառաբար ամերիկեան շահերէ մեկնող մատնանշուած այս այլընտրանքը կ՛երաշխաւորուի, ըստ Պոլթընի, Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորումով: Իր իսկ բացատրութեամբ, «Կը կարծեմ, որ ներկայիս հանգամանքները կ՛ընդգծեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շուրջ փոխադարձ համաձայնութեան հասնելու կարեւորութիւնը, քանի որ եթէ այդ տեղի ունենայ, կը բացուի հայ-ազրպէյճանական սահմանը: Թուրքիայի հետ սահմանը, կը կարծեմ, եւս կը բացուի»:

Որպէսզի սահմաններ բացուելու եւ նոր բարեկամ հարեւաններ ունենալու խայծը Հայաստանին համար դիւրամարս դառնայ, Պոլթընը կը յիշեցնէ, որ Հայաստան առիթը կ՛ունենայ ամերիկեան զէնքեր գնելու, ինչպէս նաեւ` ներդրումներ ստանալու ամերիկեան գործարարներէ:

Անշուշտ ան չ՛անդրադառնար այն օրինական սահմանափակումներուն, որոնք կը դրուին վաճառուած ամերիկեան զէնքերու գործածութեան վրայ: Ան նաեւ կը մոռնայ բացատրելու, թէ սահմաններու բացումէն ետք Հայաստան ինչո՞ւ ամերիկեան զէնքեր պիտի գնէ, երբ թշնամի հարեւաններ այլեւս գոյութիւն չունին: Հաւանաբար պոլթընեան հաշուարկին մէջ մտած է այն հաւանականութիւնը, որ Իրան, Վրաստան կամ Ռուսիա, կամ` երեքը միասնաբար, նոր թշնամիներու պիտի վերածուին Հայաստանի համար:

Ինչ կը վերաբերի ակնկալուած ներդրումներուն, ամերիկեան գործարարներու դրամական եւ առեւտրական գործառնութիւնները միշտ ալ ընդունելի եւ մեծապէս գնահատելի եղած են մեր հայրենիքին համար: Նման ներդրումները այնքան ալ կախեալ չեն եղած ղարաբաղեան հարցի բարւոք լուծումէն:

Վերջաւորութեան Պոլթընի խորհուրդներէն կը ստացուի հետեւեալ պատկերը: Եթէ ղարաբաղեան հարցը կարգաւորուի, Պոլթըն «կը կարծէ», որ Ազրպէյճան կը բանայ իր սահմանը Հայաստանի հետ: Ապա Պոլթըն կը շարունակէ «կարծել», որ Թուրքիա եւս կը բանայ իր սահմանները:

Սահմաններու այս կարծեցեալ բացումին դիմաց, հայկական կողմը ազատագրուած հողեր կը վերադարձնէ Ազրպէյճանին եւ կը փակէ իր սահմանը Իրանին դիմաց:

Պոլթընեան լուծումով մենք պիտի կորսնցնենք հայրենական հողեր եւ` բարեկամութիւնը դարաւոր հարեւան երկրի մը, որուն հետ մեր գործակցութիւնը ոչ միայն ռազմավարական, այլեւ կենսական նշանակութիւն ունի:

Այսպիսով, սակայն, պիտի շահինք նոր բարեկամ հարեւաններ: Պահ մը կրնա՞նք պատկերացնել մեր նոր բարեկամ հարեւանները` Ազրպէյճան եւ Թուրքիա: Անշուշտ Պոլթընը կրնայ մեզ խրատել, որ մեր «պատմական կաղապարներէն» պէտք է ձերբազատինք:

25 հոկտեմբեր 2018
Լոս Անճելըս

Խմբագրական. Հայաստանի Եւ Արցախի Ժողովուրդներուն Համաձայնութիւնը. Նաե՛ւ Սփիւռքին

$
0
0

Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերու խորհրդականին Երեւան կատարած այցելութեան առիթով հնչած տեսակէտներուն մեկնաբանութիւնները առատ են: Միջազգային անդրադարձը առաւելաբար Իրանի մեկուսացման քաղաքականութեան ընդհանուր շրջածիրին մէջ կը շարունակէ դիտարկել հարցը եւ կարեւորել Պոլթընի Իրանի սահմանակից երկիրներուն մէջ ամերիկեան գործօնի ազդեցիկութեան բարձրացումը:

Իրանի մեկուսացման օրակարգը հիմնական առաջադրանքներէն մէկը ըլլալով հանդերձ յայտարարութիւններուն մէջ կային առանցքներ, որոնք կարելի չէ շրջանցել:

Արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման պատկերացումը Պոլթըն կը կապէր Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր հանգամանքներուն եւ կը յստակացնէր, որ անիկա պիտի դառնայ բանալի` հայ-ազրպէյճանական եւ հայ-թրքական սահմաններու բացման:

Այս հարցով օրինաչափ էր վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեանի արձագանգը` մէկ կարեւոր յաւելումով: Փաշինեան վերստին բանաձեւեց պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը` լուծման որեւէ տարբերակ բացառելով առանց Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն համաձայնութեան (նաեւ` Արցախի իշխանութիւններուն): Կարեւոր յաւելումը այս պարագային համայն հայ ժողովուրդն է. վարչապետի պաշտօնակատարը յստակացուց, թէ` տրուած ըլլալով, որ խնդիրը համահայկական տարողութիւն ունի, անհրաժեշտ է ստանալ նաեւ սփիւռքին համաձայնութիւնը:

Սփիւռքահայութիւնը, ի տարբերութիւն Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ ապրող ժողովուրդին, կամարտայայտութեան դրսեւորման առումով այս պարագային հանրաքուէի կազմակերպման ոչ նախադէպը, ոչ ալ իրաւական իմաստով նման բան ընելու կարելիութիւնը ունի: Ներկայ պահուան դրութեամբ սփիւռքահայութեան հասկացողութեան մէջ կը ներառուին դասական կառոյցներն ու համահայկական այս կամ այն ծրագիրի իրականացման համար նկատի առնուող անհատ սփիւռքահայերը, որոնք խորհրդատուական գործառոյթներով կը հրաւիրուին պետութեան կողմէ կազմակերպուած խորհրդակցական բնոյթի ժողովներու:

Սփիւռքահայութեան դերակատարութեան խորհրդատուական բնոյթէն իրաւական անցումի առաջադրանքը արծարծուեցաւ վարչապետի պաշտօնակատարին Լիբանան այցելութեան առիթով տարբեր ձեւաչափերով կայացած հանդիպումներուն ընթացքին:

Փաստօրէն, նախադէպային կառոյցները` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական եւ տարածաշրջանային յանձնաժողովները, սփիւռքի նախարարութեան առընթեր գործած մասնագիտական ոլորտներու համաժողովները, ըստ էութեան կարեւոր հարթակ ըլլալով, այսուհանդերձ համահայկական պարագայական օրակարգերու քննարկման համար օգտակար էին, առանց իրաւական գործառոյթ ապահովելու որոշման գործընթացներուն: Քննարկման մեկնարկի ծիրին մէջ գտնուող համազգային խորհուրդի սահմանումը եւս կեդրոնացած էր սփիւռքահայութեան գործօնի խորհրդատուական գործառոյթներուն վրայ:

Լիբանանեան խորհրդակցութիւններուն ընթացքին արծարծուեցաւ համահայկական օրակարգ ձեւաւորելու եւ անոր առընթեր նախապատրաստուելու ընդգրկուն կառուցակարգի նախագիծի կարեւորութիւնը: Այնպէս մը սակայն, որ անիկա տեղի չտայ նոր խնդիրներու, բաժանարարութեան եւ փոխանակ, թէկուզ սահմանափակ լիազօրութիւններով համախմբուող հարթակները զարգացնելու, չնուազեցնէ որոշակի առումով կայացած գործօնի ազդեցիկութիւնը:

Խօսքը հեռահար կտրուածքով անշուշտ կը վերաբերի Ազգային ժողովի երկպալատ դրութեան: Այդ հնարաւորութիւնն է, որ սփիւռքահայուն, իրաւական ըսելաձեւով, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս ապրող քաղաքացիին կը տրուի ո՛չ միայն առաջադրելու-առաջադրուելու, այլ նաեւ իբրեւ պատգամաւոր մաս կազմելու Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յատուկ պալատին, որ կը քննարկէ համահայկական տարողութին ունեցող օրակարգեր:

Ուրեմն, նախ ձեւաւորել համահայկական օրակարգը եւ առընթեր պատրաստել նախագիծ` հանգրուանային քայլերով ապահովելու սփիւռքահայութեան իրաւական լիազօրութիւնները` մասնակից դառնալու համահայկական օրակարգերու քննարկման եւ որոշման:

Անկախ անկէ, որ նման նախապատրաստութիւն երկար ճանապարհ կ՛ենթադրէ, պէտք է նկատել նաեւ, թէ երկպալատ դրութեան հաստատումը Սահմանադրական փոփոխութեամբ միա՛յն կրնայ իրականանալ, իսկ սահմանադրական նման հիմնական փոփոխութիւն ինքնին` հանրաքուէով:

Անորոշ բաժինը նաեւ այն է, որ սփիւռքահայ ըսելով պէ՞տք է հասկնալ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս ապրող Հայաստանի քաղաքացիները, թէ՞ ընդհանրապէս սփիւռքահայ ժողովուրդը, որուն ժողովրդային կամարտայայտութեան արդիւնքի իրացումը դժուար կը պատկերացուի: Առաջինի պարագային աւելի յստակ պատկերացում կը գոյանայ. Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս ապրող քաղաքացիները դեսպանատուներու ճամբով կը մասնակցին հանրաքուէին:

Յամենայնդէպս, կարեւորը այն է, որ պաշտօնապէս կը յայտարարուի, թէ Արցախի հարցի լուծման ներկայացուող որեւէ տարբերակ անհրաժեշտ է որ ապահովէ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին, Արցախի  իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութեան համաձայնութիւնը:

 

Եթէ Ջոջերը Գրաբար Սորվին, Կ՛ըլլան Համեստ Եւ Իմաստուն

$
0
0

ՄԱԿԱՐ ի Գաղղիա

Կեդրոնականցի Արմենակին հետ կը զրուցէինք: Այս Կեդրոնականցի ակումիտին*, ոչ անկուտին, հայկական լրատուամիջոցները, թերթերը, ձայնասփիւռները եւ հեռատեսիլի կայանները ժամ պէտք է տան, որպէսզի հանրային դաստիարակութեամբ զբաղի:

Լեղի սուրճէն ետք, եղանակի արեւոտ յետմիջօրէին, Արմենակ գրպանէն թղթիկ մը հանեց եւ ըսաւ.

– Ժողովուրդին գրաբար պէտք է սորվեցնել, որպէսզի համեստ եւ իմաստուն դառնայ:

Կեդրոնականցիին միտքերը կը յիշեցնեն Պուտտայի ուսուցումը:

– Արմենա՛կ, խելքի՞դ բերիր, պարզ հայերէնն անգամ մոռցողները բան գործ չունի՞ն, որ գրաբար սորվին:

– Չե՞ս նկատեր, որ մեծ ըլլալու համաճարակ կայ: Աթոռախտ: Հիները կ՛ըսէին` բարձ: Այնքա՜ն նախագահներ ունինք, նախարարներ եւ նախարարութեան թեկնածուներ, բեմի վրայ շորարալ ցանկացողներ, որ ազգը վերածուած է թատրոնի: Մարդիկ ուրիշի գրած ճառը բեմէն կը կարդան, կ՛արձանագրեն, յաճախ իրենց ձայնը մտիկ կ՛ընեն եւ կ՛երջանկանան: Քանի որ բեմէն խօսած են, ուր որ երթան, առաջին շարքի աթոռներէն մէկը կը պատուեն իրենց անձով:

– Մի՛ անհանգստանար: Ունեցած ենք եւ ունինք ջոջեր, սովետի օրերուն անոնք նոմենկլատուրա էին, իսկ արդիականացող եւ եւրոպականացող սփիւռքները կ՛ըսեն` էսթեպլիշմընթ, տարբեր շապիկով, բայց` Պարոնեանի ջոջերը:

– Մակա՛ր, նոր ջոջերը ժողովներու, համաժողովներու, խորհրդաժողովներու կ՛երթան, սրահ մուտքին թղթապանակներ կը տրուին: Ինչո՞ւ հայելի մըն ալ չեն տար, որպէսզի իրենք զիրենք եւ սրահը դիտեն հասկնալու համար, թէ սխալ տեղ չե՞ն եկած:

– Ի՞նչ պէտք է ընել, Արմենա՛կ:

– Բոլորին գրաբար սորվեցնել, որպէսզի Քրիստոսի ուսուցումը հասկնան:

– Ի՞նչ կարդալու համար:

Արմենակ գրպանէն թղթիկ մը հանեց ու կարդաց. Յորժամ կոչիցէ ոք զքեզ ի հարսանիս կամ ի կոչունս, մի՛ բազմիցիս յառաջին բարձին. գուցէ պատուականագոյն եւս քան զքեզ իցէ կոչեցեալն ի նմանէ: Եւ եկեալ, որ զքեզն եւ զնա կոչեաց. ասիցէ ցքեզ` տուր սմա տեղի. եւ ապա սկսան իցիս ամօթով զյետին տեղին ունել: Այլ յորժամ կոչիցիս, երթիջիր, բազմիջիր ի յետին տեղւոջ. զի յորժամ գայցէ, որ կոչեացն զքեզ, ասիցէ ցքեզ. բարեկամ, ի վեր մատիր. յայնժամ եղիցին քեզ փառք առաջի բարձակացն քոց:

Եւ աւելցուց.    «Անոնք գրաբար պիտի չսորվին, ընդհանրապէս սորվելիք չունին: Աթոռ-աթոռակի համար բաւարար գիտելիք ունին, նաեւ քսակ` կամ քոմպինացիա: Մենք չունինք մեծ, որ ըսէ. «Տուր սմա տեղի. եւ ապա իցիս ամօթով զյետին տեղին ունել…»: Զյետին տեղն ընդունելու համար առաքինի պէտք է ըլլալ, ինչ որ գրաբար սորվելէն աւելի դժուար է: Հայելի կարելի է տալ, թերեւս իրենք զիրենք կը դիտեն, եթէ հաւկուրութենէ  չեն տառապիր, եզրակացուց Արմենակ:

Նկատի ունենալով, որ հայելիի մեծ պահանջ կայ, հիմնադրամ մը չստեղծե՞նք:

Իսկ Յիսուսի խօսքը աշխարհաբարով ըսելու կարիք չկայ: Ո՞վ պիտի լսէ:

 

25 հոկտեմբեր 2018

* Գիտուն

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live