Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Հայոց Լեզուի Վերականգնումի Աշխատանքներ, Ռուսացումի Քաղաքականութեան Ցարական Տիրապետութենէն Ետք

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ռուս-պարսկական պատերազմին` 1826-1828, ցարական Ռուսիոյ յաղթանակով Արեւելեան Հայաստանը ինկաւ ռուսական կայսրութեան տիրապետութեան տակ, շուրջ 90 տարի, մինչեւ 1917: Բարեկարգող ցար Ալեքսանտր Բ.-ի սպանութենէն ետք, 19 մարտ 1881-ին, Ալեքսանտր Գ.-ի օրօք, մինչեւ 1917-ի պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը, ռուսական ազգայնամոլութեան տարիներ էին, որուն առաջին դրսեւորումն էր գլխաւոր նախարար (ներքին գործոց նախարարի բացառիկ իշխանութեամբ, փաստօրէն` Ռուսիոյ վարչապետ-հրամայապետը) հայազգի կոմս Միքայէլ Լորիս-Մելիքովի 1824-1888 (միջնադարեան Լորիի իշխող աւատապետական ընտանիքի շառաւիղներէն) պաշտօնազրկումը 4 մայիս 1881-ին` իբրեւ ազատամիտ եւ ոչ ռուս ազգայնական:

Միքայէլ Լորիս-Մելիքով                                              Ալեքսանտր Տոնտուքով Քորսաքով

Ռուսացումի քաղաքականութիւնը աւելի մոլեռանդ դրսեւորում ստացաւ 1885-ին, երբ Կովկասի փոխարքայ Ալեքսանտր Տոնտուքով Քորսաքով հրամայեց փակել բոլոր հայկական թեմական վարժարանները` փոխարինելով զանոնք ռուսական վարժարաններով: Թէեւ յաջորդ տարի վերաբացուեցան հայկական վարժարանները, սակայն կը քաջալերուէր ուսուցանել ռուսերէնը` հայերէնի փոխարէն: Այլ դրսեւորում էր նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կալուածներուն բռնագրաւումը եւ որեւէ հայկական ազգային երեւոյթի դէմ հալածանքը (1): Հակահայ ճնշումը աւելի սաստկացաւ, երբ դրժելով ցարին խոստումը` ինքնավարութիւն շնորհելու Արեւմտահայաստանին, 3 յուլիս 1916-ի որոշումով փոխարքայ Նիքոլայ Նիքոլայեւիչը շրջանը վերածեց հայութեան դէմ բռնակալութեան (2):

Ռուսացման այս ենթահողին վրայ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արդէն գործող բոլոր պետական վարչութիւններուն, պաշտօնէութեան եւ զինուորականներուն լեզուն ռուսերէն էր. հայերէն չգիտցող հայ զինուորականներուն եւ պաշտօնեաներուն թիւը կը գերազանցէր գիտցողները: Արդ, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը կ՛որոշէ փուլ առ փուլ հայերէնը վերածել հանրապետութեան պաշտօնական լեզուին: Այս ուղղութեամբ, յաջորդաբար հետեւեալը կը կարդանք` սկսելով «Յառաջ» օրաթերթի 3 հոկտեմբեր 1919-ի թիւէն.

Պետական բառամթերքը` եզրերը հայերէնի վերածել. «Յառաջ» 3 հոկտեմբեր 1919

«Յառաջ» 3 հոկտեմբեր 1919. «Հանրային կրթութեան մինիստրութիւնը պարլամենտից առաջարկութիւն է ստացել կազմել մի յանձնաժողով նախագծերում եւ նախահաշիւներում պատահած տերմինները հայերէնի վերածելու համար», այսինքն` «Հանրային կրթութեան նախարարութիւնը խորհրդարանէն առաջարկ ստացած է կազմելու յանձնաժողով մը, որպէսզի նախագիծներուն եւ նախահաշիւներուն մէջ գործածուած եզրերը հայերէնի վերածեն» (3):

Խորհրդարանի 41-րդ` 28 նոյեմբեր 1919-ի նիստին, հայոց լեզուի գործածութիւնը կառավարութեան եւ պետական կառոյցին մէջ օրէնքի ուժ կը ստանայ, եւ «Յառաջ»-ի 7 դեկտեմբեր 1919-ի թիւին մէջ «Պաշտօնեաներու համար հայոց լեզուի դասընթացքներ հաստատելու օրինագիծը» խորագիրով կը կարդանք. «Բոլորին յայտնի է, որ պաշտօնեաներուն մեծ մասը հայերէն չի գիտեր եւ շատ մը հիմնարկութիւններու մէջ գործավարութիւնը կը կատարուի օտար լեզուով: Այդ անբնական երեւոյթին դէմ պայքարելու համար է, որ կ՛առաջարկուի ներկայ օրինագիծը: Շտապողականութիւն կը յայտնուի եւ օրէնքին յօդուածներուն քննարկումէն ետք օրինագիծը կը վաւերացուի:

«Ներքին գործոց նախարարը այս մասին բացատրութիւններ կու տայ» (4):

Պաշտօնեաներու համար հայոց լեզուի դասընթացքներ հաստատելու օրինագիծը:

Ապա «Յառաջ»-ի 17 դեկտեմբեր 1919-ի թիւին մէջ կը կարդանք. «Համաձայն նոյեմբեր 28-ի (1919) օրէնքին, հանրային կրթութեան նախարարը (Նիկոլ Աղբալեան) Երեւանի եւ Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) պաշտօնէութեան (պետական) համար պիտի կազմակերպէ հայոց լեզուի եւ գեղագրութեան դասընթացքներ: Այս առիթով հանրային կրթութեան նախարարը գրութիւն (շրջաբերական) ուղարկած է նախարարութիւններուն` շտապ տեղեկացնելու, թէ պաշտօնեաներէն ովքե՛ր պիտի յաճախեն վերոնշեալ դասընթացքներուն: Ալեքսանդրապոլի մէջ այս դասընթացքներու գործով զբաղելու համար հիմնուած է յատուկ յանձնաժողով` առեւտրական դպրոցի վերատեսուչ Լեւոն Սարգսեանի նախագահութեամբ (5):

Պետական պաշտօնեաներուն համար հայերէնի եւ գեղագրութեան ուսուցում. «Յառաջ» 17 դեկտեմբեր 1919:

Վերջապէս, 27 դեկտեմբեր 1919-ին Հայաստանի Հեռագրային գործակալութիւնը` ՀՀԳ, հետեւեալ որոշումը կը հաղորդէ.

«Պետական լեզուն` հայերէն

«ԵՐԵՒԱՆ. Հայաստանի խորհրդարանի որոշումներէն:

«1.- Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայերէնն է, որ կը դառնայ պարտադիր` զօրքին եւ բոլոր պետական ու հասարակական հաստատութիւններուն մէջ: Այլ լեզուներու գործածութիւնը պետական ու հասարակական հիմնարկութիւններուն մէջ կը սահմանուի յատուկ օրէնքներով:

«2.- Պետական եւ հասարակական հիմնարկութիւնները պարտաւոր են վեց ամսուան ընթացքին գործնական միջոցներ ձեռք առնել` հայերէնը պետական գործավարութեան լեզուն դարձնելու համար» (6):

Պետական լեզուն` հայերէն, «Յառաջ», 27-12-1919

Ափսոս, որ հայոց լեզուին դէմ ռուսական հալածանքը չուշացաւ ու շարունակուեցաւ, այս անգամ` խորհրդային վարչակարգին միջոցով, երբ 4 մարտ 1922-ին Ալեքսանդր Միասնիկեանի (ԽՍՀ ժողկոմի խորհուրդի նախագահ) եւ Դրաստամատ Տէր Սիմոնեանի (ԽՍՀ ժողկոմի խորհուրդի քարտուղար) հրամանագիրով հայոց լեզուն խեղաթիւրուեցաւ` «Նոր ուղղագրութիւն մտցնելու մասին» (7) ահռելի օրէնքը պարտադրելով, որ վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ցարդ կը կիրարկուի…

27 տարիէ կը սպասենք, որ կրթութեան նախարարութիւնը խորհրդարանէն առաջարկ ստանայ` կազմելու յանձնաժողով մը, որպէսզի նախագիծներուն եւ նախահաշիւներուն մէջ եւ պետական բոլոր վարչութիւններուն մէջ գործածուող եզրերը, սկսելով նախարարութիւններուն անուններէն, հայերէնի վերածեն, մեսրոպեան հարազատ ուղղագրութեամբ, եւ «մաքուր» հայերէն խօսին այնպէս, ինչպէս 27 դեկտեմբեր 1919-ի օրէնքը կը սահմանէր:

15 հոկտեմբեր 2018

————

(1)  https://en.wikipedia.org/wiki/Russian_Armenia

(2)  «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», «Զինադադար եւ «Մութ ձեռքի» աշխատանքը Կովկասում» գլուխ, էջ 63:

(7)  Նոյնը, էջ 649-651:

(3)  «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Ա. տարի, թիւ 11, 3 հոկտեմբեր 1919, էջ 3:

(4)  Նոյնը, թիւ 61, 3 դեկտեմբեր 1919, էջ 3:

(5)  Նոյնը, թիւ 70, 17 դեկտեմբեր 1919, էջ 2:

(6)  Նոյնը, թիւ 77, 27 դեկտեմբեր 1919, էջ 2 եւ 3:

 


Երեւանեան Շաբաթներ

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Դարձեալ հայրենիք եկած եմ շատերու նման, եւ` ոչ: Այլ խօսքով, վերադարձած եմ Տունս: Երեւան եմ: Կ՛այցելեմ: Կը պտտիմ: Արդէն մեծ ցանկութեամբ անոր տարածքին կրկին անգամ կը փորձեմ ապրիլ մօտիկ եւ հեռու անցեալս: Հաճելի է այս զգացումը: Եւ իւրաքանչիւր քայլափոխիս ամէն ինչ, յիշատակի նման, գեղեցկութեան մշուշի մէջէն, մէջս կ՛արթննայ:

Ինչպէս միշտ եւ ամէն տեղ` հոս ալ յուշերս ունին իրենց աշխարհագրութիւնը: Խոր զգացումը կրկին ներսս է: Ամուր պահուած է ենթագիտակցութեանս մէջ` իբրեւ անսահման էութիւն: Իբրեւ մաքուր գանձ:

Կրկին աչքերս յառած եմ Արարատին: Դարձեալ զմայլած եմ, որովհետեւ ան զիս մագնիսի նման կը քաշէ ու հազար թելերով իրեն կը կապուիմ: Կը հաւատամ, որ խորհուրդ մը կայ ասոր մէջ: Անոր համար նոր հոգի եկած է վրաս: Ու անկեղծօրէն, հայութեանս կողքին, անձս ալ կը փնտռեմ: Զմայլած եմ:

Երեւան հասած առաջին իսկ ժամուն եւ անկէ ետք, ամէն օր իր փողոցներէն կը քալեմ, աջէն` ձախ, վերէն` վար, միշտ մանուկի մը անմեղ հետաքրքրութեամբ դիտելով շուրջս իւրաքանչիւր անցորդ, խանութ, խաչմերուկներու ծայրին ծուարած, ինծի թուող արհեստավարժ մուրացկաններ, մէկ մայթէն միւսը կարմիր լոյսը անցնող օրինազանցներ, մաքուր կոկիկ հագած նայիրեան աղջիկներ, օտարազգի զբօսաշրջիկներ, աղմկոտ տղաք-աղջիկներ, պատերուն շուքին նստած, հեռաձայնը իրենց ձեռքին եւ սիկարեթ մը իրենց բերնին` ծոյլ եւ անգործ երիտասարդներ ու զանազան ժխտական ու դրական երեւոյթներ, ու մտովի կ՛ըսեմ` «Ո՛չ մէկ բայց, հո՛ս հայրենիք է: Ա՛յս է: Իսկ ես հո՛ս եմ, հողիս վրայ եմ: Ազատ ու նոյնքան ալ` հպարտ ու կը շարունակեմ երթս` անկախ ու սեփական երկիր մը ունենալու մեծ զգացումս շալկած:

Ապա, իջեւանած պանդոկէս ներս կամ դուրս, շուտով նոր շրջանակ մը կը կազմեմ: Այսպէս, տարիներ շարունակ իրարմէ բոլորովին տարբեր միջավայրերու մէջ ապրած ու նոյն կոչումով շաղախուած հայերս յանկարծ քով քովի գալով` կը մտերմանանք: «Օտարութեան» փոշին մեր վրայէն սրբելով` արդէն կը դառնանք հարազատի նման մտերիմ եւ անկեղծ: Այս բոլորը, որովհետեւ հայրենի հողին վրայ ենք, ու անկէ ներշնչուած սէրը մեզ բոլորս արդէն միաւորած է:

Միւս կողմէ, թէեւ Երեւանի փողոցները տարբեր հառաչանքներով եւ յոյսերով լեցուած են, սակայն ընդհանրապէս ես միայն հայրենակիցներուս փայլուն աչքերն է, որ կը տեսնեմ, ու անոնց խնդուքն է, որ կը լսեմ: Հետաքրքրական է, չէ՞:

Ու հաւանաբար իւրաքանչիւր այցելու, ինծի նման, նոյնը պիտի ըսէր, եթէ Երեւանի փողոցներուն մէջ յանկարծ հանդիպէր երկար ատենէ ի վեր իր չտեսած «անծանօթ» ծանօթներէն մէկուն, աշակերտին, «ֆէյսպուքի ֆրենտ»-ին, նախկին դրացիի զաւկին, կամ քաղաքացիին, շուտով անոնց այս ներկայութեամբ իր հոգին պիտի ջերմանար:

Այսինքն, դիմացինդ ճանչնաս կամ ոչ, յիշես կամ չյիշես, նոյնն է. արդէն կարօտն ու խանդավառութիւնը երկար ժամերուդ նոր փայլ մը տուած են:

Ու նաեւ, եթէ բախտդ քեզի ժպտի, ու դուն Երեւանի անհամար ճաշարաններէն, սրճարաններէն եւ կամ պանդոկներէն մէկուն մուտքին յանկարծ հանդիպիս հալէպցիիդ, կամ` սուրիահայ հին բարեկամներէդ մէկուն, ահա հոսկէ է, որ կը սկսի «նոր կեանքդ»: Ա՛ռ քեզի` նոր իրականութիւն:

Իմ պարագայիս, եթէ նման բախտի արժանանամ, ա՜խ, երկա՜ր, շա՛տ երկար կը խօսիմ: Ձեռքս չէ: Կը խօսիմ նոյնիսկ անհատնում բառերով, երազով ու կարօտով: Ժպիտ ու ցաւ իրարու խառնուած: Կարօտը սրտիս` կը խօսիմ, կը յուզուիմ ներքնապէս ու կը հաւատամ, որ նման զգացում կրնան ունենալ բոլոր անոնք, որոնք տարիներով այդ Հալէպ կոչուած կախարդական քաղաքին գիրկը ապրած են:

Ու այդ հանդիպումէն ետք ինքնաբերաբար կը նորոգուիմ: Օրերս եւ անոնց հիւսող ժամերս կը լեցուին տարբեր զգացումներով եւ հաճոյքով:

Ապա կրկին կը շարունակեմ ամէնօրեայ քայլարշաւս: Հոս Հայաստանն է, կը կրկնեմ միշտ եւ բոլորին: Նոր Հայաստանը նոր երազ հագած է: Զիս կը խանդավառէ: Միւս կողմէ` հոս աշխարհը ուրիշ է: Յեղափոխութիւն կատարուած է: «Թաւշեայ»: Համայն աշխարհը ծանօթ է այս մէկուն: Անոր համար կը հաւատամ, որ նոր յոյսեր կան` գծուած հորիզոնին վրայ: Միւս կողմէ` տեսանելի է, որ հայրենիքի մեծ ու փոքր քաղաքներու, գիւղերու կամ աւաններու փողոցները նոր կեանք ստացած են: Մարդիկ երջանկութեան հաւատալ սկսած են: Նոր ծրագիրներ եւ նորութիւններ… Նոր երազներ կը հիւսուին, որովհետեւ յեղափոխութիւնը եկած եւ հետը բերած է երազը: Օրերը բարի են: Լուսաւոր եւ հպարտալի: Բոլորս կը յուսանք:

Անկախ այս բոլորէն, նաեւ` երկրորդ անգամ ըլլալով, կ՛այցելեմ Թումանեանի եւ Կոմիտասի թանգարանները: Տպաւորուած եմ: Անբացատրելի: Երկուքին ալ նկարներն ու ստեղծագործութիւնները զիս տարբեր աշխարհ տարած են: Հեռաւոր եւ ճերմակ: Անփոխարինելի գոհունակութիւն մը ունիմ: Կը զգամ, որ ժամանակին հետ կը խօսիմ: Երկուքին հոգիներն ալ հոն են: Պահուած եւ թափանցիկ ու կարծես ինծի կը հետեւէին:

Ու կ՛անդրադառնամ: Այս տարի հայրենիքը ուրիշ տարի է, որ կ՛ապրի: Նոր յեղափոխութեան կողքին, պատմական հարիւրամեակներու յիշատակումներու տարի ալ է:

Ուստի հազարաւոր հայորդիներու հետ ես ալ կը մասնակցիմ Արամ Մանուկեանի յուշարձանի բացման հանդիսութեան: Ուղղակի պատմական: Արամ Մանուկեան ըսի. սուրբի մը հոտը ունի, բայց եւ այնպէս բոլորիս համար մեծ ղեկավար մըն էր:

Ո՞վ է ղեկավարը, յաճախ հարց տուած եմ ես ինծի: Կը հաւատամ, որ ղեկավարը այն մարդն է, որ հաւատք կը ջամբէ իր ժողովուրդին, իր հետեւորդներուն, իր համակիրներուն: Անոնց նոր յոյս կը ներշնչէ: Տեսիլք կը փոխանցէ: Նոր ուղի կը բանայ: Կեանք եւ արժէք կու տայ իր մայր երկրին եւ իր ժողովուրդին մտքին մէջ Ազգային Եսը կը սերմանէ:

Ու հայութեան համար Արամ Մանուկեան մեծ ղեկավար մըն էր, Քրիստափոր Միքայէլեանի նման: Ահա ճիշդ հոս էր, այս հսկայ հանդիսութեան, որ այնքան մօտիկէն տեսայ հայրենի «թաւշեայ» յեղափոխութեան ղեկավար յեղափոխական Փաշինեանը: Կը մտածեմ. ի՜նչ լաւ բան է հաւատք ու վստահութիւն ներշնչելը: Դրական ու նոյնքան ալ` կենսական:

Արդ, հայրենի ժողովուրդիս հերոս դէմքերը արդէն մտած են հոգեկան սահմաններուս մէջ ու հիացմունքով լեցուցած` սիրտս:

Հայը միշտ հերոս եղած է, կ՛ըսեմ, երբ հայու արժանավայել կենցաղով ապրած է:

Վերջ ի վերջոյ, կը հաստատեմ մտովի,  ժողովուրդն է, որ իր ղեկավարին հետ կը ճշդէ իր իսկ ճակատագիրը: Կը զգամ այդ մէկը, որ ինծի միշտ ու միշտ երկար մտածել տուած է: Որքա՜ն հաճելի է սիրել հայը` աւելի հայութենէն, եւ հայութիւնն ալ` հայէն:

Իսկ յետոյ օր մը, ի՛նչ մեղքս պահեմ, նոր երազ հագած Հայաստանիս մէջ, բախտաւոր օր մը, բնութեան բարի տնօրինութեամբ, համայն հայութիւնը միացնող մեծագոյն կամուրջ դարձող սրբազան լեռը տեսայ: Արարատը տեսայ, բազմած` իր ձիւնածածկ ու հպարտ գագաթով: Տեսայ, որ միշտ մեզ կը դիտէ: Ի՜նչ վեհ պահ:

Եւ աւելի՜ն. օր մըն ալ Անի այցելեցի: Ինք հոն էր, միւս կողմը, անոնց կողմը, իսկ ես հո՛ս, պապենական հողիս վրայ, իրմէ մէկ մղոն հեռու: Ու կարօտս բռնկեցաւ, որովհետեւ եկած էի իբրեւ պարզ ուխտաւոր մը` հոգիս ու սիրտս կապելու մեր պատմական դարերուն պատկանող այդ փլատակներուն:

Ու մտովի աղօթք մը ընելէ ետք, ես ինծի ըսի` արդեօք այս աւերակները, այս փլատակ եկեղեցիները, պատմական պարիսպները, իրենց յաւերժական լռութեան մէջ, ինծի ինչե՜ր ունէին ըսելիք, ի՜նչ գաղտնիքներ: Անոր համար աչքերուս մէջ ամբարեցի փլատակներուն գեղեցկութիւնն ու պատմութիւնները` իրենց յաղթութեան եւ պարտութեան նկարներով:

Ու վերջին, բաժանումի այն պահուն ըսի. «Անի, դուն մեզի համար յաւիտեան պիտի մնաս իբրեւ կախարդական թագը կորսնցուցած աննման մայրաքաղաք: Պիտի մնաս իբրեւ մեր ազգային հպարտութիւն` ե՛ւ կենդանի, ե՛ւ համոզիչ: Պիտի մնաս հայրենիքիս անբաժան հողը»: Ու կարծես այս ձեւով արդէն գտած էի մտքիս խաղաղութիւնը, որովհետեւ միշտ հաւատացած եմ, որ սփիւռքահայուն համար հայրենիքը այն տեղն է, ուր թէեւ անկէ իր ոտքերը կը մեկնին, սակայն հոն կը մնայ իր սիրտը:

Ահա թէ ինչո՛ւ այս բոլորէն շաբաթներ ետք հետս շալկած ու բերած տաքուկ բարեւ մը կ՛ուզեմ տալ մեր բոլորի միակ հարազատ Տունէն` Հայաստանէն:

bedig43@aol.com

 

Նոր Գիրքերու Հետ. «Նամակներ Ժաք Ս. Յակոբեանէն Սիրելի Եղբայր Միքայէլին»

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Վերջերս լոյս տեսած այս հատորին վերնագիրը շատ բան կը բացատրէ, սակայն` միայն բովանդակութեան բնոյթին մասին: Լոյս տեսած է «Եղբայր Միքայէլ»-ի նախաձեռնութեամբ, իսկ ան Միքայէլ Եուսուֆեանն է, բանաստեղծ Ժաք Ս. Յակոբեանի մտերիմներէն, որ պահած է 1965-էն մինչեւ 1975 գրողին կողմէ իրեն ուղղուած նամակներէն փունջ մը եւ լոյս ընծայած է` ներփակելով իր մէկ քանի պատասխանները, նաեւ` բանաստեղծին անունին հետ աղերս ունեցող քանի մը գրութիւն: Ըսինք` «իրեն ուղղուած կարգ մը նամակներ», որովհետեւ նամակներուն ընթերցումէն կրնանք հետեւցնել, որ եղած են նաեւ ուրիշներ, որոնց հպանցիկ ակնարկութիւն ըրած է նամակագիրը, թէեւ նաեւ ըսած է, որ գրած է նամակներ, զորս չէ յղած հասցէատիրոջ, կան նաեւ… չգրուած նամակներ:

Հատորը կը բաղկանայ 222 էջէ, կողքին` երկու մտերիմներուն լուսանկարները. էջերն ալ ճոխացած են բանաստեղծին կեանքի տարբեր փուլերէն  քաղուած լուսանկարներով: Հատորը կը բացուի Միքայէլ Եուսուֆեանի մէկ բացատրականով, որուն կը յաջորդէ Եուսուֆեանի կողմէ բանաստեղծին ձօնուած չափածոյ գրութիւն մը` ներբողականի շունչով:

Փոխանակուած նամակները կը գրաւեն 154 էջ, տեղադրուած` «Սիրտէ սիրտ» ընդհանուր խորագիրին տակ: Յաջորդ բաժինը խորագրուած է «Վկայութիւններ, կարծիքներ» եւ կը գրաւէ հատորին գրեթէ մնացեալ էջերը` իր կարգին ընդգրկելով վկայութիւններու եւ կարծիքներու ենթաբաժանումներ: Վերջին էջերուն կայ բանաստեղծին կեանքի հակիրճ պատմութիւնը: Գին չէ ճշդուած, կ՛ընդունուին սրտաբուխ նուէրներ:

Սա` հատորին ընդհանուր նկարագրականը:

Ինչպէս ոեւէ գրողի պարագային, մեր գրականութեան անդաստանը աւելի քան 80 տարի մշակած այս բանաստեղծին համար ալ նամակներու այս փունջին լոյս ընծայումը կը ծառայէ քանի մը նպատակի, բոլորն ալ` ի շահ մեր գրականութեան ու Ժաք Ս. Յակոբեան ուսումնասիրողին:

Մեր նպատակը այստեղ լոյս տեսած հատորին մասին հատոր մը արձանագրել չէ, թէեւ նման փորձ անյաջող չ՛անցնիր, այլ` լուսարձակի տակ բերել քանի մը արժանիք, հրաւիրելով այս բանաստեղծին գիրին հետեւողները ծանօթանալու հոն տեղ գտած բաբախումներուն:

Թէեւ արձակով հիւսուած` այս հատորն ալ բանաստեղծական շունչ ունի եւ կը հանդիսանայ Ժաք Ս. Յակոբեանի գրական ժառանգութեան մէկ անքակտելի մասնիկը: Բանաստեղծին վերջին աւելի քան կէս դարու գրականութեան ծանօթ ընթերցողը ինքզինք դէմ յանդիման պիտի գտնէ երկու հիմնական գիծի, որոնք կը կազմեն հեղինակին գրականութեան հիմնական առանցքները. առաջինը` հայկական արժէքներու հանդէպ սէր, գուրգուրանք եւ հաւատարմութիւն, իսկ երկրորդը` քրիստոնէական իր հաւատքին մասին անընդհատ վկայութիւն:

Այս արձակ էջերը չեն գրուած լոյս ընծայուելու հեռանկարով, հետեւաբար, բնականաբար կ՛արտացոլացնեն մտերմութեան եւ անմիջական հաղորդակցութեան էութիւն, որ մերթ կը համեմուի թեթեւ զուարթախոհութեամբ, ազատ արտայայտչաձեւերով, որոնք այլապէս տեղ պիտի չգտնէին այս բանաստեղծին էջերուն: Մտերմիկ արտայայտութիւնները, յամենայն դէպս, ոչ մէկ ատեն կը շրջանցեն այն սահմանները, որոնք կը պարուրեն Յակոբեան գրողին էութիւնն ու նկարագիրը:

Մտերիմի մը եւ խորհրդակիցի մը ուղղուած նամակներու այս շարքը անուղղակի կենսագրութիւնն է անձին ու գրողին գիրքերուն` հիմնականօրէն տարածուելով տասնամեակի մը վրայ: Առաջին նամակները գրուած են Աւստրալիայէն, ուր հեղինակը հաստատուած էր Պէյրութէն մեկնելէ ետք, իսկ աւելի ուշ մեկնակէտը Լոս Անճելըսի շրջանն է` Փասատինա, Նորթ Հոլիվուտ, Սանլենտ… Ընթերցողը կը ծանօթանայ բանաստեղծին դիմագրաւած նոր կացութիւններուն ու անոնց առթած բազմաբնոյթ ազդեցութիւններուն: Կարմիր թելի պէս գրութիւններուն մէջէն կ՛անցնի հայահոծ ու հայութեամբ բաբախող գաղութներէ` ծննդավայր Երուսաղէմէն, Եգիպտոսէն ու Լիբանանէն հեռու ինկած ըլլալու տագնապները, սրտակից մտերիմներէ զրկուած ըլլալու եւ հեւքոտ աշխատանքին խլած տուրքին ստեղծած անդոհանքը, ընտանիքի ու զաւակներու հոգը տանելու այլապէս հաճելի պարտաւորութիւնները, սակայն այս ընթացիկ հարցերէն անդին` լայն տեղ ունին համամարդկային ու համահայկական մտորումներ, խորհրդածութիւններ ու փիլիսոփայական սեղմ վերլուծումներ: Տեղ մը կը գանգատի, որ` «դուրսը օդը տաք է, սակայն սիրտս` պաղ», ակնարկելով ձուլումի ընթացքին ստեղծած վիշտին: Ուրիշ տեղ մը կ՛արձանագրէ, որ տառապանքները մարդոց համար փորձաքար են, իսկ «դուռը»` տոկալն է: Ան հաւատարիմ է իր թելադրած սկզբունքին. հակառակ ապրած բազմերես տառապանքներուն` միշտ ալ եղած է յոյսով լեցուն, լաւատես, աշխատած է ապագան փայլուն տեսնել, իսկ իրեն համար ապագան միայն այս աշխարհին չէ կապուած, այլ մանաւանդ` հանդերձեալ կեանքին:

Իր անձին ու ընտանիքին մասին հպանցիկ տեղեկութիւններու կողքին, հատորին մէջ ակնարկութիւններ կան նաեւ կարգ մը հատորներու արարման ու լոյս ընծայման պայմաններուն մասին, այլ խօսքով` գիրքերու «կենսագրական»:

Լեզուն ու ոճը «յակոբեանական» է, այսինքն, իր բոլոր հատորներուն նման, այս նամակներն ալ արձանագրուած են սքանչելի հայերէնով մը, պատկերներով ու, ինչպէս նշեցինք, մանր ու մտերմիկ զուարթախոհութիւններով: Տեղ մը գաղտնապահ է եւ բարեկամին կը գրէ, որ չ՛ուզեր «սիրտին գրպանը դուրս դարձնել», ուրիշ տեղ մը` առօրեայի հեւքին մէջ «անմեղ թուղթ մը կը ձերբակալէ ու առջեւը կը նստեցնէ» նամակ գրելու համար: Խոստովանութիւններ ալ ունի իր գրականութեան ստեղծագործական ընթացքին մասին. կը յայտնէ, որ բանաստեղծութիւնները բծախնդիր վերամշակումի կ՛ենթարկէ, մինչեւ` կէտադրութիւնները (ի վերջոյ, Վահան Թէքէեանի մտերմութիւնն ու բարի ազդեցութիւնը վայելած է երիտասարդութեան), սակայն նաեւ կ՛ունենայ այն զգացումը, որ լիովին չէ կրցած արտայայտուիլ (հոս ալ արձագանգ մը` Զապէլ Եսայեանի նման հոգեխոյզի մը ինքնադրսեւորման անբաւարարութեան զգացումին): Խոնարհ է ու կը մերժէ «բանաստեղծել» բառը, այլ կը նախընտրէ «բանագործել» եւ «արուեստագործել» եզրերը: Կ՛ափսոսայ, որ հայագիտական ուսում չունի, որովհետեւ եթէ ունենա՜ր… Կը մոռնայ, որ ոչ միայն հմուտ է մեր լեզուին ու բառապաշարին, այլ իր բանաստեղծութիւններուն ճամբով նոր եզրերու յարգելի ժառանգութիւն մը ստեղծած է պատանութեան օրերէն ի վեր: (Իսկ եթէ ընթերցողը հանդիպի ուղղագրական կամ շարուածքի թերիներու, անոնք բանաստեղծինը չեն վստահաբար):

Հատորին երկրորդ բաժինը` կարծիքներու եւ վկայութիւններու մասը առաջին հերթին տեղ կու տայ բանավէճի մը, որ ծագած է 60-ական տարիներուն, «Նայիրի»-ի խմբագիր Անդրանիկ Ծառուկեանի կողմէ բանաստեղծին ու անոր պաշտօնավարած դպրոցին մասին քննադատական յօդուածի մը պատճառով: Ժաք Ս. Յակոբեանի մտերիմները պատասխանած են Ծառուկեանին, եւ կ՛արձանագրուի, որ ան ետդարձ ըրած է իր աննպաստ վարմունքէն: Յաջորդ էջերը կազմուած են բանաստեղծին 50-ամեակի օրերուն կազմակերպուած հանդիսութեան մը առիթով գրութիւններէ, որոնք վեր կ՛առնեն Ժաք Ս. Յակոբեան գրողին արժանիքներուն տարբեր երեսները: Առաջին գրութիւնը օրուան կաթողիկոսէն է` Խորէն Ա.-էն: Մուշեղ Իշխան կը ներկայացնէ հայրենաբաղձ Յակոբեանը, Ծառուկեան` սիրոյ երգիչը, տոքթ. Ռոբովթ Չորպաճեան` հաւատքի երգիչը, իսկ հեղինակը կազմակերպողներուն ուղղած է ողջոյնի գիր մը: Այս շարքը կ՛աւարտի Ա. Կեսարենցի ստորագրութեամբ եւ օրուան սփիւռքի հետ կապի կոմիտէի վարիչ Վարդգէս Համազասպեանին ուղղուած նամակով մը, ուր բանաստեղծին ու արժանիքներուն ներկայացումը կը կատարուի, նաեւ գանգատ` ծանօթ հրապարակագիր Շաքէ Վարսեանի կողմէ բանաստեղծին նկատմամբ անբարեխիղճ արձագանգի մը: Նամակին կը յաջորդէ Հռութ Աճեմեանի ստորագրութեամբ գրախօսական մը` «Հայատրոփ» հատորին մասին:

«Նամակներ…»-ը ուշադրութեան արժանի հատոր մըն է եւ իր յատուկ անկիւնը կը գրաւէ բանաստեղծ Ժ. Ս. Յակոբեանի գրական ստեղծագործութիւններու վաստակին մէջ, առիթ կը ստեղծէ ընթերցողին զայն անգամ մը եւս տեսնելու մտերմութեան մէջ, ինչպէս եղած էր օրագրական բնոյթով իր մէկ նախորդ հատորին մէջ:

 

 

Սփիւռքի Անխոնջ Մշակ` Լեւոն Թորոսեան

$
0
0

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Արուեստագիտութեան դոկտոր

Լեւոն Թորոսեանը իր բոլոր նախաձեռնութիւններում բարձր արհեստավարժութիւն ցուցաբերող, խորագիտակ ու նուիրեալ գործիչ է: «Մեծ արժէք ունեն Լեւոն Թորոսեանի ստեղծած բառարանները եւ ընդհանրապէս մշակութային լայն ասպարէզ ընդգրկող նրա ամբողջ գործունէութիւնը, որ ազգին պատիւ է բերում եւ մեծ ճանաչողութիւն ունի նաեւ հայրենիքում», գրել է Լեւոն Թորոսեանի մասին հայրենի արձակագիր, շարժապատկերի մասնագէտ Սերգէյ Գալստեանը: Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական դերասան, անուանի բեմադրիչ Երուանդ Ղազանչեանը ժամանակին վաւերել է. «Ազնիւ մտաւորականին, որ տոգորուած է հայանպաստ ու հայրենանուէր գործունէութեամբ, մենք մեծապէս պարտական ենք ՀԲԸ Միութեան հովանու տակ Պէյրութում «Վահրամ Փափազեան» թատերախմբի ստեղծմանը»: Իրապէս, ամէն բարի գործ անանց հետք է թողնում եւ արժանանում է գնահատանքի: Գեղեցիկ երեւոյթ է դա առաւելապէս մեր օրերում, յատկապէս երբ խօսքը վերաբերում է հայրենիք-սփիւռք փոխյարաբերութիւններին: Լեւոն Թորոսեանի յիշողութեան մէջ վառ են տպաւորութիւնները հայրենիք առաջին այցելութիւնից, երբ 1968-ին սփիւռքի ուսուցիչների խմբի կազմում նա ժամանեց Երեւան` Սփիւռքի հետ կապերի կոմիտէի կողմից կազմակերպած մանկավարժների վերապատրաստման դասընթացքներին: Նա եղաւ այդ 40 հոգանոց խմբի պատասխանատուն, հանդիպումներ-զրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի մի շարք նախարարների հետ, հարցազրոյց` հեռուստատեսութեամբ, եւ «Հայրենիքի Ձայն» պարբերաթերթում լոյս տեսաւ նրա յօդուածը:

Ծնուելով Պէյրութում` Լեւոն Թորոսեանը եւ իր շրջապատը մեծ յարգանքով են յիշում արմատով մուսալեռցի նրա հօր` սփիւռքում ճանաչուած կրթական, հասարակական գործիչ, թատերագիր Յակոբ Թորոսեանին: «Գիրքը, գիրն ու գրականութիւնը մեր տան հիմնական մթնոլորտն էին», ասում է Լեւոն Թորոսեանը: Եւ հետաքրքրական է, որ այդպիսի մթնոլորտի ծնունդ` նա աւարտելով Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը, ապա` Ամերիկեան համալսարանը, ձեռք է բերում միջուկային ֆիզիկոսի մասնագիտութիւն` արժանանալով բարձր մագիստրոսի կոչմանը: 16 տարիների ընթացքում դասաւանդելով Պէյրութի մի շարք հայ եւ արաբական դպրոցներում` նա կազմել եւ խմբագրել է (մի քանի այլ մասնագէտների հետ) վեց տարբեր դասագրքեր, երկրորդական վարժարանների համար անգլերէն եւ ֆրանսերէն, որոնք տպագրուել են «Լիպրերի տիւ Լիպան» յայտնի հրատարակչութեան կողմից: 1971-ին ամուսնանալով աւստրիացի ճարտարապետ Վալթրաուտի հետ եւ բնակութիւն հաստատելով Վիեննայում` Լեւոն Թորոսեանը շարունակում է իր գիտահրատարակչական եռանդուն գործունէութիւնը: 1970-ականներին, ի պատիւ իրեն, նա եղել է Շուէտական միջազգային ընկերութեան աւստրիական մասնաճիւղի աշխատակիցը: Եւ որպէս ֆիզիկայի եւ այդ ոլորտի տարբեր գործիքների առաջատար մասնագէտ` բազմիցս գործուղուել է Իտալիա, Գերմանիա, ներկայացնելու նաեւ իր նորամուծութիւններով առաջադիմած տուեալ գիտական ասպարէզը: Եւ մշտապէս արժանացել է «Ալֆա Լաւալ» համաշխարհային ճանաչում ունեցող այդ ընկերութեան բարձր գնահատանքին: 1981-1997 թթ. եղել է մէկ այլ անուանի կազմակերպութեան` IAEA (հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան) աշխատակիցը: Եւ այս ամէնով հանդերձ, դարձեալ գիրն ու գրականութիւնը, բառն ու գիրքը մշտապէս եղել են Լեւոն Թորոսեանի կեանքի անբաժան, սիրելի ուղեկիցները: Դրան զգալիօրէն նպաստել է նաեւ Վիեննայում բնակուող մէկ այլ ճանաչուած հայ մտաւորական, գիտութիւնների դոկտոր Համբարձում Յարութիւնեանի հետ Լեւոն Թորոսեանի աշխատակցութիւնը, յատկապէս` բառակազմութեան ոլորտում: 1984-ից մէկը միւսի ետեւից լոյս են տեսնում Լեւոն Թորոսեանի կազմած, մեկնաբանած եւ խմբագրած հայերէն-գերմաներէն եւ գերմաներէն-հայերէն բառարանները: 1990-ականներին Պէյրութի համբաւանուն «Շիրակ» հրատարակչատունը լոյս է ընծայում ֆրանսերէն եւ գերմաներէն լեզուների հայերէնով մատուցուող ինքնաուսուցման գրքեր, նաեւ` հայերէն-անգլերէն ու անգլերէն-հայերէն նորակազմ բառարաններ: Ուշագրաւ է, որ 1994-2002 թթ.-ին երբ Լեւոն Թորոսեանը ֆրանսահայ մտաւորական Ռոպեր Տէր Մերկերեանի հետ վարում է Մարսէյի  «Ժամանակակից արեւմտահայերէնի եզրաբանական խորհուրդը», այդ ժամանակաշրջանում առանձին հատորով լոյս են տեսնում նաեւ Լեւոն Թորոսեանի կազմած «Մատենագիտական չորս բառացանկեր» եւ «Ուղեցոյց» հատորները: Դրանցում ներկայացուած են Լեւոն Թորոսեանի առաջադրուած մի շարք օտարալեզու բառերի (հիմնականում` եզրերի) նորամոյծ հայկական տարբերակները: Բացի այդ` շատ արժէքաւոր է Լեւոն Թորոսեանի մէկ այլ, բացառիկ նախաձեռնումը. մանրամասն ուսումնասիրելով աշխարհի օտար երեւելի աղբիւրներում զետեղուած տեղեկութիւններ հայկական նիւթերին վերաբերող, եւ անելով իր մասնագիտական վերլուծութիւններն ու դիտարկումները` Լեւոն Թորոսեանը հրատարակում է այդ նիւթերը Վիեննայում լոյս տեսնող «Հրայրք» պարբերականում (խմբագիր` Հրայր Կարապետեան):

Լեւոն Թորոսեանի արժէքաւոր ազգային, գրական-մշակութային այս պրպտումները հետագայում հրատարակուեցին «Օտարները հայերու մասին» առանձին հատորով` մեծ հետաքրքրութեանն արժանանալով թէ՛ հայ, թէ՛ օտար ընթերցողների լայն շրջանակներում: Լեւոն Թորոսեանի բառարանագիտական անխոնջ աշխատանքի վկայութիւններից է նաեւ Մեսրոպ Գույումճեանի պատրաստած բառարանը կրկին վերահրատարակելու փաստը: Ինչպէս գրում է 2014թ.-ի «Շիրակ»-ը իր յատուկ պարբերականի նախաբանում. «Մ. Գույումճեանի պատրաստած բառարանը, որ անցեալ 15 տարիներու ընթացքին սպառած էր, վերստին տպագրելու հարկադրանքին տակ դրաւ եւ այժմէականացուց Լեւոն Թորոսեան: Բառարանագիր Լեւոն Թորոսեան յանձն առաւ Գույումճեանի բառարանը վերատեսութեան ենթարկել` պակսեցնելով այժմ անգործածելի դարձած կարգ մը բառեր եւ աւելացնելով շուրջ 1700 մերօրեայ բառեր: Միացեալ սոյն բառարանին անգլերէն-հայերէնի վերջաւորութեան զետեղուած է «Անգլերէնի մէջ գործածուած համառօտագրութիւններ» բաժինը, իսկ հայերէն-անգլերէնի վերջաւորութեան` «Քերականական գիտելիքներ» շատ օգտակար բաժինը»:

Չափազանց ուշագրաւ եւ արժէքաւոր է նաեւ Լեւոն Թորոսեանի նախաձեռնութեամբ օրերս հրատարակուած նորակազմ մեծածաւալ (1000 էջ) բառարանը, որ միակն է ցայսօր իր տեսակի մէջ. գերմաներէն-արեւմտահայերէն-արեւելահայերէն: Այսինքն` մասնագիտականօրէն, լեզուաբանօրէն նկատի առնելով այն պատմական, իրական հանգամանքը, որ արեւմտահայերէնը եւ արեւելահայերէնը ունեն որոշակի բառաիմաստային, ուղղագրական տարբերութեան երանգներ, Լեւոն Թորոսեանը թարգմանել է գերմաներէնից նոյն բառը` այդ երկու հայերէններով: Լեւոն Թորոսեանի ազգանուէր բազմակողմանի մշակութագիտական գործունէութեան մասին տակաւին շատ կարելի է խօսել, սակայն հարկ է անպայման նշել, յիշատակել իր կեանքում մեծ տեղ եւ դեր ունեցող իր կնոջը` Վալթրաուտին: Նա ո՛չ միայն սիրում է հայերէն խօսել, այլեւ յարգալից սիրով ճանաչում ու գնահատում է այն ամէնը, ինչ որ հայ ու հայկական է: Արժէ իմանալ, որ Վալթրաուտը անձնուէր զգալի ներդրում արեց երկրաշարժից տուժած Հայաստանին: Հրատարակելով յօդուած-կոչ Աւստրիայի «Kurier» օրաթերթում, նա ձեռնամուխ եղաւ Աւստրիայի մի շարք քաղաքներում դրամահաւաքի` յօգուտ երկրաշարժից տուժած աղէտի գօտիների վերականգնմանը, եւ մարդասիրական ներդրման նշանակալի գումարը փոխանցուեց աղէտի գօտի: Գիւմրին շնորհակալ է աւստրուհուն` նրա բարեգուտ ու սրտագորով գործերի համար: Տիկին Վալթրաուտը շարունակում է այժմ իր մարդասիրական բարեգործութիւնը` վերջին տարիներին գումարային օժանդակութեամբ  օգտակար լինելով Պէյրութի եւ Այնճարի կարգ մը դպրոցների սիրիահայ գաղթական երեխաներին: Ուշագրաւ է, որ տեղեկանալով այդ մասին եւ տակաւին նուազ պատկերացում ունենալով Այնճարի մասին` 2015-ին Լիբանանում Աւստրիայի դեսպանը Այնճար այցելեց, փաստեց Այնճարի պաշտօնեաներին, եւ ժողովուրդին, որ տիկին Վալթրաուտի այդ բարեգործական նախաձեռնութեանը պատրաստակամօրէն արձագանգել է Վերին Աւստրիայի նահանգային կառավարութիւնը եւ իր կարգին նոյնպէս ցուցաբերել է գումարային օժանդակութիւն: Աւստրիայի դեսպանը ծանօթանալով Այնճարին` զգալիօրէին գնահատեց սփիւռքի այժմեան կեդրոն Լիբանանի այդ գեղատեսիլ գիւղաքաղաքը, ծաղկեփունջ զետեղեց Եղեռնի զոհ մուսալեռցիների լոյս յիշատակին:

Այո՛, այս ամէնի մասին տակաւին կարելի է խօսել: Բա՜յց… յօդուածիս հեղինակը` ես այս պահին յիշեցի մի սրտագորով եղելութիւն, որի մասին ցանկանում եմ կիսուել իմ ընթերցողիս հետ:

Տարիներ առաջ, մի գեղեցիկ օր մենք` Լեւոն Թորոսեանը եւ ես առաջին անգամ հանդիպեցինք Պէյրութում, մեր այդքան յարգուած «Շիրակ» հրատարակչատանը: Դրա հիմնադիր եւ տնօրէն, անուանի մտաւորական, ազգային մշակութային գործիչ Կարապետ Հաննեսեանը, Լեւոն Թորոսեանը, եւ ես` տողերիս հեղինակը, զրուցեցինք ջերմ ու երկար: Շա՜տ բաների մասին. սփիւռքի, հայրենիքի, ներկայիս լիբանանահայ եւ վիեննահայ օճախների մասին, մեր ամէնքիս գլխատար կարօտի մասին… Լեւոն Թորոսեանը ասաց. «Երանի՜ հիմա մենք ամէնքս Հայաստանում լինէինք, «Շիրակն» էլ Երեւանի սրտում լինէր, մեր բոլոր հրատարակած գրքերն էլ այնտեղ լոյս աշխարհ գային, մեր բոլոր ընթերցողներն էլ հայաստանցի լինէին: Լինէր միշտ շէն ու շէնշող, աներկրաշարժ, ծաղկուն եւ մեզ ամէնքիս իր սրտում միացնող Հայաստան»: Եւ մի պահ մեզ թուաց, թէ այդպէս է… Մենք այդ օրը բաժանուեցինք դուրս գալով «Շիրակ» հրատարակչատնից` մշտապէս պահելով մեր մէջ այդ հրաշալի հանդիպումը: Օրերս, Այնճարում հանդիպելիս Լեւոն Թորոսեանին եւ իր կնոջ` Վալթրաուտին, որոնք ժամանել են Այնճար ամառային վայելումի, ես կրկին յիշեցի Լեւոն Թորոսեանի այդ խօսքերը: Եւ ցանկանում եմ հիմա ասել նրան. մեր աներկրաշարժ սրտում մենք ունենք մեր հայրենիքը եւ այնտեղ մենք ամէնքս միշտ միասին ենք:

Երեւան-Պէյրութ

Էրտողան` «Գորշ Գայլեր»-Ու Հետեւողութեամբ

$
0
0

Ա. Ա.

Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ, Եւրոպայի տարածքին կառուցուած ամէնէն մեծ մզկիթին բացման արարողութեան ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան բաւական յանդուգն քայլով մը զինք դիմաւորելու եկած թուրքերը բարեւեց ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան բարեւով, որ միջնեմատն ու մատնեմատը բութամատին միացնելով կը կազմէ ականջները տնկած գայլի մը գլուխը:

Նման բարեւով մը իր հետեւորդները Գերմանիոյ մէջ ողջունելու Էրտողանին այս արարքը անկասկած նախածրագրուած եւ կանխամտածուած է, եւ որ իր մէջ մէկէ աւելի պատգամներ ունի` թէ՛ Գերմանիոյ, թէ՛ Եւրոպայի առհասարակ, ու նաեւ` քիւրտերուն, Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն եւ իր ընդդիմադիրներուն:

«Գորշ գայլեր»-ը, իրենց առաջնորդին` Ալփասլան Թուրքէշի գաղափարախօսութեան հիմերը կը տեսնեն ծայրայեղ ազգայնականութեան մէջ, որ եթէ քիչ մը խոր քննարկման ենթարկուի, զուգահեռներ կը ստեղծէ Երիտասարդ թուրքերու համաթուրանականութեան հետ: Արդէն գաղտնիք մը չէ, որ «Գորշ գայլեր»-ու ընդհանուր հաւատամքն ալ գրեթէ նոյնն է, ինչ որ էր Երիտասարդ թուրքերուն` «Նախ Թուրքիա», «Թուրքիա ամէն բանէ վեր», «Ով որ թուրք չէ, Թուրքիա չի կրնար ապրիլ» նշանախօսքերու էութեան:

Ալփասլան Թուրքէշի «Գորշ գայլեր»-ը այսօր կը համարուին եւ վերածուած են թրքութեան պահակներու բանակին, որ ծայրայեղ է: Չի հանդուրժեր բոլոր անոնք, որոնք թրքութեան գաղափարախօսութեան հետեւորդներ չեն, նոյնիսկ եթէ արիւնով եւ ծնունդով թուրք են:

Նման ծայրայեղականութեամբ առանձնացող «Գորշ գայլեր» կազմակերպութիւնը ահա Էրտողանի համար Եւրոպայի մեծագոյն պետութեան` Գերմանիոյ մէջ կը վերածուի առաջնորդող եւ եւրոպական «սպառնալիքներ» դիմակալող վահանի մը, երբ յանկարծ Թուրքիոյ նախագահը միջնեմատն ու մատնեմատը կը միացնէ բութամատին եւ կը կազմէ «Գորշ գայլեր»-ու նշանակը` բազմութիւնը բարեւելով:

Առաջին պատգամը խորհրդանշական է եւ ուղղուած է Գերմանիոյ իշխանութիւններուն, թէ` ձեր հողերուն վրայ, ահա տեսէք, անվախօրէն կը բարեւեմ ձեր կողմէ ահաբեկչական համարուող կազմակերպութեան յատուկ բարեւով: Ուրեմն անտեսուած են գերմանական բոլոր կեցուածքները, ինչ կը վերաբերի «Գորշ գայլեր»-ու կազմակերպութեան մէկ միաւորը համարուող «Օսմանեան Գերմանիա» խմբակին դէմ հրապարակուած դատական վճիռներուն: Այս խմբակին անդամները կռփամարտիկներ են, եւ որոնք կը գտնուին աւազակախումբեր կազմելու ծանր ամբաստանութիւններու տակ` քիւրտեր եւ Էրտողանի ընդդիմադիրները Գերմանիոյ տարածքին հալածելու նպատակով:

Էրտողանի երկրորդ պատգամը ուղղուած է ամբողջ Եւրոպային, ուր սկսած է ձեւաւորուիլ եւրոպական ազգայնականութեան բաւական լուրջ շարժում մը, որ թէեւ մէկ ու միացեալ ճակատ մը չէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը մերժելու իմաստով, սակայն ունի բաւական պարարտ ենթահող, թէ` պիտի վերագծէ Եւրոպական Միութեան արժէքային համակարգը, ուր բնականաբար Թուրքիա տեղ չունի:

«Գորշ գայլեր»-ու բարեւով բազմութիւնը ողջունելու Էրտողանի այս քայլին երրորդ պատգամը սպառնալիք է` ուղղուած քիւրտերուն եւ իր թուրք ընդդիմադիրներուն, որ` պէտք է զգուշ եւ զուսպ ըլլան զինք քննադատելու ատեն: Այլապէս «Գորշ գայլեր»-ը, որոնք արդէն իսկ բաւական արիւնոտ անցեալ մը ունին իրենց ետին, մանաւանդ` 1970-ական թուականներուն կատարուած արիւնալի յարձակումներու եւ խուլիկանութիւններու միջոցով, կրնան նոյնիսկ Եւրոպայի ամէնէն ապահով կարծուած ոստաններուն մէջ զիրենք հարուածել:

«Գորշ գայլեր»-ու բարեւով Էրտողան նաեւ լռելեայն սպառնալիք մըն ալ կ՛արձակէ Թուրքիոյ մէջ ապրող իր ընդդիմադիրներուն: Ասիկա աւելի խորհրդանշական կը թուի, բայցեւայնպէս զուրկ չէ մտահոգիչ բաղադրիչներէ: Էրտողան հնազանդ ու հաւատարիմ հետեւորդ մըն է Մեհմետ Զահիտ Քոթլուի, որ քաղաքական իսլամութեան հայրն է, եւ որ Թուրքիոյ ամէնէն հեղինակաւոր կրօնականն էր իսլամութեան եւ քաղաքականութեան միջեւ կապերու ստեղծման իմաստով:

Եւ ահա ամէնէն վտանգաւոր պատգամը ի յայտ կու գայ: Ծայրայեղ թրքութեան եւ ծայրայեղական իսլամականութեան միջեւ ամուր կամուրջներու ստեղծիչի դեր մը, որ Էրտողան ինքզինքին վերապահած է` ոտնատակ ընելու համար Աթաթո՛ւրքն ալ, չափաւորականութի՛ւնն ալ, Եւրոպա՛ն ալ, եթէ ատոր ալ կարիքը զգացուի:

Եւրոպացիք ասիկա պիտի զգա՞ն: Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային արժէքներու` խօսքի, կրօնի եւ այլ ազատութիւններու պահպանման զուգահեռ, Եւրոպա որքա՛ն եւ ի՛նչ տարողութեամբ հասուն է իր գոյութեան սպառնացող թրքական եւ իսլամական ծայրայեղականութեան այս երկգլխանի գազանը դիմակալելու համար: Եւ կասկած չկայ, որ այս գազանը իր սնունդը «Գորշ գայլեր»-ու գաղափարախօսութենէն կը ստանայ` իսլամութեան արժէքներու թիւր մեկնաբանութեամբ մը:

 

 

Այնճարի «Արարատը»

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Աւանդութիւն դարձած էր, որ ՀՅԴ ամէն տարի յուլիս ամսուան վերջին շաբաթավերջին Լիբանանի պատանեկան միութիւնները ընդհանուր բանակումով մը Այնճարի մէջ տօնէին Խանասորի արշաւանքը:

Կարկուտ տեղաց, Խանասորի դաշտումը…

ՀՅԴ ԼԵՄ-ը գոյութիւն չունէր այդ տարիներուն: Կային պատանեկան միութիւններ, որոնք ԼԵՄ-ի նման երկսեռ չէին:

Հաւանաբար 15 կամ 16 տարեկան էի: Դարձեալ Այնճար ենք:  Մեր բանակավայրը Խանասորի դաշտը կը յիշեցնէ, սակայն քիւրտերու մազրիկ ցեղի փոխարէն` կը նմանցնէի Սարդարապատի հայոց կամաւորական գունդերու վրաններուն,որոնց մասին նոր կարդացեր էի Մալխասի «Զարթօնք» հատորին մէջ:

Այնճարը միշտ փոքրիկ Հայաստան մը եղած է, իսկ Արարատը տեսնելը միայն երազ էր այդ տարիներուն: Մեր հայրենիքը «երկաթէ վարագոյրի» ետին էր, իսկ Արարատը բռնագրաւուած` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ցեղասպան թուրքին կողմէ: Արարատին ծանօթ էինք միայն նկարներով:

Սփիւռքի մէջ ունինք շատ մը «Հայաստաններ»: Այնճարը, Քեսապը, իսկ Պուրճ Համուտը` երկրորդ «Կիլիկիա» մը:

Սփիւռքի մէջ հայկական անուններով թաղեր ու փողոցներ բազմաթիւ են, սակայն միայն մէ՛կ Արարատ լեռ գոյութիւն ունի` իր փէշերը հպարտօրէն երկարած Արարատեան դաշտին:

***

Այնճարը այդ օր Խանասորի դաշտն էր, նաեւ` Սարդարապատ, իսկ կողքի  չոր ու քարքարոտ լեռը` երեւակայական Արարատ մը: Քանի մը ընկերներով որոշեցինք բարձրանալ անոր գագաթը:

Անփորձ պատանիներ էինք եւ հետերնիս խմելիք ջուր վերցնելու մասին չէինք մտածած:

Առաջին անգամն էր, որ լեռ կը բարձրանայինք եւ բազմիցս այն տպաւորութիւնը ունեցանք, որ շուտով պիտի հասնինք գագաթը, սակայն քանի կը յառաջանայինք, այնքան մեզմէ կը հեռանար այն վայրը, որ Արարատի ձիւնածածկ գագաթին հետ ոչ մէկ նմանութիւն ունէր:

Քանի մը անգամ կանգ առինք` քիչ մը հանգստանալու: Յոգնութենէ աւելի` ծարաւը կը նեղէր մեզ: Չկար որեւէ ծառ, որու շուքին տակ կարենայինք հանգչիլ:

Այնճարի տափարակ հողակոյտին վրայ բանակավայրի վրանները սկսած էին փոքրանալ: Նախապէս հեռուէն լսուող անհասկնալի ձայները լռած էին, ինչ որ կարծել կու տար,որ բաւական յառաջացած ենք եւ շուտով պիտի հասնինք գագաթը:

«Պիտի հասնինք, սրբազան լե՛ռ կատարիդ»: (Անդրանիկ Ծառուկեան)

Հայը յուսահատիլ չի գիտեր, սակայն այդ օր յուսահատեցանք, եւ հաւանաբար տակաւին նոյնիսկ կէսը չհասած` որոշեցինք վերադառնալ: Յոգնութենէ աւելի` ծարաւն էր մեր վերադառնալու որոշումին պատճառը:

Վերադարձանք: Վերադարձանք յուսալքուած, սակայն բանակավայրի մեր ընկերներէն ո՛չ ոք իմացաւ, թէ ո՛ւր գացած էինք այդ քանի մը ժամուան ընթացքին:

***

Հայաստան վերանկախացած է: Մեծ թիւով հայեր, ներառեալ` այս տողերը գրողը, կ՛այցելեն մեր ազատ, անկախ Հայաստան եւ մեր աչքերով կը տեսնենք, ժամանակին մեր երեւակայութեան մէջ դրոշմուած Արարատը:

Իւրաքանչիւր հայրենիք այցելողի երազն է տեսնել Արարատ լեռը, հոգ չէ թէ` հեռուէն:

«Ես Մասիսը չտեսայ» (Մուշեղ Իշխան)

Մեծանուն բանաստեղծը աչքերը յաւիտենական փակեց նախքան Արարատն ու Մասիսը տեսնելը:

Ես Մասիսը տեսայ: Սիրելի՛ ուսուցիչս, քեզմէ աւելի բախտաւոր կը նկատեմ ինքզինքս, սակայն կան ինձմէ աւելի՛ բախտաւորները:

2018: 27 տարի անցած է մեր հայրենիքի անկախացման թուականէն:

Խումբ մը երիտասարդներ, Երեւանի մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի նուիրուած տօնակատարութենէն ետք, թիւով 22 տղաք ու աղջիկներ, Վրաստանի ճամբով կ’ուղղուին դէպի Արեւմտեան Հայաստան: Կը հասնին Կարս, կ՛այցելեն քանի մը հայկական եկեղեցիներ, որոնք մզկիթի վերածուած են, ապա կ՛ուղղուին դէպի Անիի աւերակները, ուր ժամանակին գոյութիւն ունեցած են 1001 եկեղեցիներ, ներկայիս` բոլորը աւերակ վիճակի մէջ, ապա կը շարունակեն իրենց ճամբան եւ 1001 դժուարութիւններով կը բարձրանան Արարատ լեռը եւ անոր գագաթին վրայ կը զետեղեն եռագոյն դրօշը:

Ընկերներս ու ես, Արարատէն շատ աւելի փոքր լերան գագաթը չհասած, գլխիկոր վերադարձանք: Ինչպէ՞ս չհիանամ այդ խումբ մը երիտասարդներուն, որոնք դիմագրաւելով ամէն դժուարութիւն, անտեսելով թուրք զինուորներու կոպիտ վերաբերմունքը` հասան Արարատի սուրբ գագաթը: Եռագոյն դրօշը զետեղեցին գագաթին: Վերադարձին`  Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ միաբերան, բարձրաձայն աղօթեցին «Հայր Մեր»-ը: Կարեւորութիւն չտուին թուրք զինուորներու բիրտ միջամտութիւններուն: Նկարեցին մեր սրբութիւնները եւ անմիջապէս համացանցով ուղարկեցին իրենց բարեկամներուն, որպէսզի, բջիջային հեռաձայնները թուրք զինուորներու կողմէ գրաւուելու պարագային, գէթ ազատեն նկարները, որոնք շատ աւելի արժէք կը ներկայացնեն, քան` այդ նկարները առնող գործիքը:

***

Անփորձ պատանիներ էինք: Կեանքի դժուարութիւններու տակաւին չէինք հանդիպած եւ շատ շուտ յուսահատեցանք: Գագաթը չհասած` գլխիկոր վերադարձանք:

ՀՄԸՄ-ական երիտասարդները, «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր» նշանաբանին հետ միատեղ, նաեւ դաստիարակուած են, որ պէտք չէ յուսահատին:

«Երբ ալեկոծ ծովու վրայ
Իմ մակոյկս խորտակուի,
Եւ փրփրադէզ ալեաց մէջը
Ես իմ յոյսը չեմ կտրի»: (Սարգիս Կուկունեանի յիշատակին)

Երբեմն կը մտածեմ, որ Այնճարի «Արարատը» բարձրանալու փոխարէն, եթէ օր մը փորձէինք բարձրանալ իսկական Արարատը, շատ հաւանաբար մեր ուղեւորութիւնը պիտի շարունակէինք եւ հասնէինք մինչեւ գագաթ: Արարատի մագնիսական ուժը մեզ պիտի առաջնորդէր, եւ  կէս ճամբէն վերադառնալու պարագային, այն տպաւորութիւնը պիտի ունենայինք, որ Արարատը լեզու առած` մեր երեսն ի վեր պիտի գոռար.

«Ամօ՛թ ձեզի: Այսքան շո՞ւտ կը դասալքուիք»:

Արարատը լոկ լեռ մը չէ: Սրբութիւն է, որ յոյս ու կորով կը ներշնչէ բոլոր այցելող հայերուն եւ անհամբեր կը սպասէ իր ազատագրութեան պատմական օրուան:

Արարատի ծեր գմբեթից
Դար է եկել, վայրկեանի պէս,
Ու անցել:

Անհուն թիւով կայծակների
Սուրն է բեկուել ադամանդին,
Ու անցել:

Մահախուճապ սերունդների
Աչքն է դիպել լոյս գագաթին,
Ու անցել:

Հերթը մի պահ քոնն է հիմա
Դու էլ նայիր սէգ ճակատին,
Ու անցիր…

(Աւետիք Իսահակեան)

Լոս Անճելըս, 2018

Գրախօսական. «Gateway To Armenia» (Հեղինակ` Սերժ Մոմճեան)

$
0
0

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Վերջերս Բրիտանիոյ «Հետտըն» հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսաւ լրագրող եւ վիպագիր Սերժ Մոմճեանի  «Gateway to Armenia» անգլերէն լեզուով գիրքը, որ բաղկացած է 166 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 25 գլուխներ ու վերջաբան մը:

Գիրքին սկիզբը հեղինակը կը նշէ, որ արեւմտահայերը սփիւռքի մէջ յաջողութեամբ համարկուած են զիրենք հիւրընկալած երկիրներուն մէջ: Ըստ հեղինակին, կան 2 տեսակի հայեր. անոնք, որոնք պայքարած են իրենց ինքնութիւնը եւ աւանդութիւնները պահպանելու համար, եւ անոնք, որոնք յանձնած են իրենց ինքնութիւնը` նոյնիսկ փոխելով իրենց անունները: Երկրորդ խումբին պատկանողները շատ քիչ տեղեկութիւն ունին կամ չունին հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին մասին: Կը նախընտրեն շարունակել իրենց կեանքը եւ աւելի օգտագործել զիրենք հիւրընկալող երկիրներու լեզուն, քան` իրենց մայրենի լեզուն: Գիրքին հերոսը` ամերիկահայ լրագրող Հայկ Պետրոսեանը, մաս կը կազմէ այս վերջին տեսակին:

Հայկ Պետրոսեանը Հայաստանի մասին գիտէ միայն 2 բան. քրիստոնէութիւն եւ Նոյեան տապան: Ան լրագրող է «Պոսթըն Տէյլի»-ի մէջ: 24 ապրիլ 2015 թուականը անկիւնադարձային կ՛ըլլայ անոր կեանքին մէջ: Այդ օրէն ի վեր կը սկսի հետաքրքրուիլ հայկականութեամբ, պրպտումներ կատարել, ակումբ յաճախել, հայերու ծանօթանալ:

2016-ի աշնան թերթի խմբագրատունը զինք Հայաստան կը գործուղէ` գրելու Հայաստանի մասին: Երկու շաբթուան ճամբորդութեան ընթացքին ուղեկցորդ մը զինք կը տանի պատմական վայրեր: Կեցութեան ընթացքին Հայկ Պետրոսեանը կը ծանօթանայ Հայաստանի հարուստ մշակոյթին եւ դարաւոր պատմութեան: Իւրաքանչիւր գլուխի մէջ Հայկ առաջնորդին ուղեկցութեամբ կ՛այցելէ տարբեր վայր մը:

Մոմճեան տարբեր գլուխներու մէջ կը ներկայացնէ հայոց պատմութենէն դրուագներ եւ տուեալներ, կ՛անդրադառնայ նաեւ Հայաստանի նորագոյն պատմութեան, Խորհրդային Միութեան փուլին անկախութեան, Եւրոպայի, Ռուսիոյ եւ ՕԹԱն-ի հետ յարաբերութիւններուն, արցախեան պատերազմին:

Հայաստան գտնուած ժամանակ Հայկը կը նկատէ եւ կը լսէ Հայաստանի ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական խնդիրներուն մասին: Մոմճեան որոշ գլուխներու մէջ մանրամասն կ՛անդրադառնայ խնդիրներուն եւ կը նշէ որոշ տուեալներ: Նոյն ատեն լաւատեսութիւն կը յայտնէ նոր սերունդին նկատմամբ, որ կենսունակ է եւ պատրաստակամ` նորութիւններ բերելու երկրին մէջ:

Ճամբորդութեան աւարտին Հայկ Պետրոսեանը կը համոզուի, որ Հայաստանը գեղեցիկ երկիր է, հարուստ` իր մշակութային ժառանգութեամբ եւ պատմութեամբ: Սակայն կու գայ այն եզրակացութեան, որ Հայաստանի մէջ ինքզինք աւելի զբօսաշրջիկ կը զգայ, քան` Պոսթընի մէջ: Կը համոզուի, որ ինք կէս հայ, կէս ամերիկացի է:

Ժողովուրդին հետ ունեցած շփումներուն ընթացքին, կամ այլ ացելութիւններու ընթացքին կ՛ունենայ Հայաստանին չպատկանելու զգացում մը, որ չի կրնար վերագրել պատճառի մը. տնտեսական խնդի՞րն է, թէ՞ խորհրդային ժառանգութեան տակաւին առկայութիւնը:

Գիրքի լեզուն դիւրամատչելի է, ոճը` հետաքրքրական, երկխօսութեան եւ բացատրողական բաժիններու վրայ հիմնուած:

Սերժ Մոմճեանը Հայկ Պետրոսեանի ընդմէջէն կը փորձէ պարզել իրավիճակը սփիւռքահայերու այն տեսակին, որոնք հայկականութենէ հեռու ապրած են ամբողջ կեանք մը եւ ապա փորձած են վերադառնալ իրենց արմատներուն: Սակայն, Հայաստան այցելելով, այդքան ալ չեն յաջողած ընտելանալ այնտեղի կեանքին եւ ապրելակերպին:

Տխուր է, որ Հայկ Պետրոսեանին մէջ չէ արթնցած այդ ցանկալի հայրենասիրութեան եւ հայրենիքի պատկանելիութեան զգացումը, այլ Միացեալ Նահանգներ վերադառնալով` Հայկը ինքզինք զգացած է աւելի համարկուած ամերիկեան կեանքին եւ մշակոյթին:

Այս գիրքը յանձնարարելի է անգլիախօս հայերու եւ օտար ընթերցողներու համար` մօտէն ծանօթանալու անցեալի եւ ներկայ Հայաստանին, մշակոյթին, խնդիրներուն:

Թերեւս ընթերցողը պիտի փափաքէր, որ Հայկ Պետրոսեանին Հայաստան այցելութիւնը աւելի մեծ ազդեցութիւն ձգէր անոր վրայ եւ անոր մէջ արթնցնէր հայրենիքի հանդէպ սէր եւ շեշտադրուէր անոր հայկական ինքնութիւնը:

* Գիրքը կարելի է ստանալ Համազգայինի գրախանութէն եւ amazon.com-ի միջոցով:

 

 

Հետաքրքրական Երեւոյթ. Մանկագիրներ Հայրենի Իշխանութիւններու Բարձրագոյն Ոլորտներուն Վրայ

$
0
0

ՎԵՐԺԻՆ ԵՒ ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆՆԵՐ

Նունէ Սարգսեան

Հայաստան այցելողները յաճախ կը գտնուին հետաքրքրական ու հաճելի նորութիւններու դէմ յանդիման:

Սփիւռքահայերը, որքան ալ զմայլին հայրենի երկրի գեղեցկութիւններուն‚ համադամ խորովածներուն եւ միջնադարու ու խորհրդային շրջանի մշակութային կոթողներու իւրայատկութեան վրայ‚ կը վերադառնան իրենց բնակավայրերը` Երեւանի մէջ լոյս տեսնող օրաթերթերէն կամ շաբաթաթերթերէն առանց գէթ մէկ օրինակ տեսած ըլլալու:  Ըստ երեւոյթին‚ արտասահմանի հայերուն հայրենի իրականութեան ու նաեւ քաղաքական կեանքին հետ գրեթէ միակ առնչութիւնը Երեւանի թաքսիի վարորդներուն հետ շաղակրատութիւնն է:

Եւ, ո՛վ զարմանք‚ սեպտեմբեր 2018 թուականին բոլոր վարորդներն ալ (բացի մէկէն‚ որպէսզի յարգուի բացառութեան օրէնքը) կը խօսէին նոյնանման. թէ բան մը փոխուած է‚ եւ թէ` մեծ յոյս ունէին, թէ` աւելի լաւ պիտի լինի… եթէ խանգարիչներ իրենց գործը չկատարեն:

Հայրենիք կատարած մեր վերջին այցելութեան ընթացքին ունեցանք բազմաթիւ հաճելի հանդիպումներ` հայրենի գրողներու‚ ակադեմականներու ու նաեւ Երեւանի գլխաւոր գրադարաններու պատասխանատուներուն հետ:  Հասարակաց գրական ու մշակութային հետաքրքրութիւններ ու մտահոգութիւններ գլխաւոր առանցքը կը կազմէին նման հանդիպումներուն եւ անպայմանօրէն ալ` գիր ու գրականութեան փոխանակումով: Հասարակաց ցաւ էր‚ որ հայրենիք-սփիւռք մամուլի ու գիրքի փոխադրութիւնը կախեալ էր խմբագիրներու ու հեղինակներու անձնական ճամբորդութիւն-բեռնակրութիւններէն‚ եւ ոչ թէ` պետական պատկան մարմիններու բարեացակամ հոգածութենէն‚ ինչ որ էր պարագան անկախութենէն առաջ:

Լիբանանահայ Հայկ եւ Էլզա Տիտիզեաններու կառուցած «Երեւան իմ սէր» բարեսիրական հաստատութեան հովանաւորութիւնը վայելող  Վարպետաց տան մատենադարանին մէջ հանդիպեցանք գեղեցիկ նկարազարդումներով արեւելահայերէն եւ ռուսերէն լաթակազմ մանկապատանեկան շարքի մը‚ բոլորն ալ հեղինակուած` Նունէ Սարգսեանին կողմէ: Կ՛արժէ, որ նշենք խորագիրները.

«Վիշապ Նեսին»‚ «Քաչալ ոզնին»‚ «Հերոսներ» (նաեւ` ռուսերէն)‚ «Թէ ինչպէս փղիկը ճիշդ շնչել սովորեց»‚ «Կափիղկա»‚ «Թզուկ մզուկը»‚ «Երեք վիշապ»‚ «Դաւիթ‚ Հայկ եւ Բազիլիկուս»‚ «Քոլօ»‚ «Նռան հատիկներ» (նաեւ` ռուսերէն)‚ «Թագաւորն ու վիշապը» (նաեւ ռուսերէն)‚ «Սադափ»:  Տեսանք նոյն հեղինակին գրի առած The magic buttons խորագրուած անգլերէն գրքոյկն ալ:

Նունէ Սարգսեանի անունին կրկին հանդիպեցանք սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի պատասխանատու Երան Սիմոնեանի գրասենեակին մէջ:  Երբ կը յայտնէինք մեր ուրախութիւնը այն մասին, որ մանկապատանեկան նման գիրքեր կը հրատարակուին Երեւանի մէջ‚ ան մեզի նուիրեց իր գրասեղանին հանդիպակաց պահարանին մէջ գտնուող Նունէ Սարգսեանի հեղինակութիւններէն երեք հատոր («Վիշապ Նեսին»‚ Քաչալ ոզնին» եւ «Թզուկ մզուկը») եւ բոլորն ալ փոխադրուած… արեւմտահայերէնի: Քանի մը օր ետք ալ պիտի բախտաւորուէինք  անձնապէս հանդիպելու եւ ծանօթանալու վերոնշեալ գրքոյկները արեւմտահայերէնի վերածողին‚ նախկին գամիշլիահայ‚ մանկապատանեկան Հայկաշխարհ կայքի խմբագիր Նայիրի Մկրտիչեանին‚ եւ իրմէ պիտի տեղականայինք, որ վերոնշեալ խորագիրներէն 5-ը հրատարարակուած էին արեւմտահայերէնով‚ եւ այլ խորագիրներ ալ` Արցախի‚ Գիւմրիի եւ Գեաւառի բարբառներով:

Եւ այս բոլորին մէջ ամէնէն հետաքրքրականն ու ուրախացուցիչը այն է, որ Նունէ Սարգսեանը ուրիշ մէկը չէ‚ եթէ ոչ Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին տիկինը: Տակաւին վերջերս սփիւռքահայ մամուլի էջերուն մէջ տեսած էինք Նունէ Սարգսեանի ամուսնոյն‚ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին լուսանկարները‚ ուր ան կը տեսնուէր Կասկադի պուրակին մէջ մանուկներուն հետ պաղպաղակ համտեսած ժամանակ:

Հետաքրքրական երեւոյթը շարունակուեցաւ «Խնկոյ Ապեր» մանկական գրադարան այցելութեան օրը‚ երբ գրադարանի տնօրէնուհի Ռուզան Տոնոյեանէն ստացանք տակաւին վերջերս հրատարակուած մանկապատանեկան հրատարակութիւն մը` հեղինակութեամբ վարչապետին` Նիկոլ Փաշինեանին:  Գրադարանի տնօրէնութիւնը անցեալ մարտին Ա. Փաշինեանէն կը խնդրէ (երբ ան տակաւին վարչապէտ չէր) մանուկներու համար ընթերցում կատարել, իսկ ան կ՛որոշէ այս առիթով պատմուածք մը գրել եւ կարդալ մանուկներուն,  գրադարանի հիանալի դահլիճին մէջ: Տակաւին վերջերս, «Չար տնակի հեքիաթը» խորագրեալ այդ պատմուածքը հրատարակուած է գունաւոր կողքի մը տակ‚ եւ իւրաքանչիւր էջին վրայ` մանուկ-պատանիի մը գեղանկարով:

Առաջին տիկինը եւ վարչապետը մանկագիրներ‚ իսկ նախագահն ալ մանուկներու իսկական բարեկամ մը.

Իսկապէս բան մը փոխուած է հայրենիքի մէջ… դէպի լաւը:

 

 


Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թրքական Կեղծ Քարոզչութեան Քողազերծումը

$
0
0

Թրքական իշխանութիւնները կը շարունակեն ստայօդ քարոզչութեամբ արդարացնել իրենց ներկայ եւ պատմական քաղաքական սխալները` առանց նկատի ունենալու, որ ազգեր ու ժողովուրդներ արդարութեան հասնելու իրենց պայքարը կը շարունակեն անկոտրում թափով ու քաղաքական պատեհ առիթը օգտագործելով` կը պարզեն Թուրքիոյ դերակատարութիւնը ազգային հաւաքականութիւններու, ինքնիշխան պետութիւններու իրաւունքներու ոտնահարման մէջ:

Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պենալի Եըլտըրըմը, Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական խորհրդարաններու նախագահներու 3-րդ հանդիպման ընթացքին յայտարարած էր, որ Հայաստան պէտք է վերջ տայ իր «անհեթեթ պնդումներուն»` ակնարկելով Հայոց ցեղասպանութեան. այդուհանդերձ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը յստակօրէն լուսարձակի տակ առած էր Թուրիքոյ ողջ պատասխանատուութիւնը այս առումով: Սա կարեւոր հարթակ մըն էր Հայկական հարցին շուրջ միջազգային կարծիքի ճշգրիտ ձեւաւորման նպաստելու ու առնուազն Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը քողազերծելու համար:

Միջազգային այլ հարթակի մը վրայ, Ժընեւի մէջ, նախորդ օրերուն կը գումարուէր Միջազգային խորհրդարաններու Միութեան 139-րդ վեհաժողովը, ուր այս անգամ սուրիական պատուիրակութիւնը,  հանդէս գալով յանդգնութեամբ, փաստացի տուեալներով կը բացայայտէր սուրիական տագնապի հրահրման, Սուրիոյ ինքնիշխանութեան անտեսման ու անոր ժողովուրդին սպանութեան ու տեղահանման պատճառ հանդիսացող Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը:

Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանը, ապրած ըլլալով Հալէպ եւ ականատեսը եղած ըլլալով Հալէպի ու Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու մէջ թրքական բռնատիրական քաղաքականութեան, Ասիոյ շրջանի խորհրդարանական խմբակի յատուկ նիստին, լսելէ ետք նիստի ղեկավար, Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պենալի Եըլտըրըմին ելոյթը, որուն ընթացքին ան իրողութիւնները ամբողջովին շրջուած կը ներկայացնէր` յայտնելով, որ Թուրքիա դրական ներդրում ունեցած է սուրիական տագնապի ողջ տեւողութեան,  երեւան կը հանէր Թուրքիոյ կործանարար դերը Սուրիոյ դէմ ծայր առած պատերազմին տարիներուն` իր մարդկային, քաղաքական եւ տնտեսական կողմերով:

Միւս կողմէ` Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Սամիր Խաթիպը կը հաստատէր, որ Սուրիա կտրականապէս կը մերժէ սուրիացի տեղահանուածներուն վերադարձի թղթածրարը քաղաքականացնելու եւ Սուրիոյ պետութեան նախապայմաններ պարտադրելու Թուրքիոյ մշտական փորձերը, ինչ որ Սուրիոյ ներքին հարցերուն բիրտ միջամտութիւն կը համարուի:

Միջազգային այս հարթակին վրայ եւս փաստօրէն կը քողազերծուէր Թուրքիոյ ապատեղեկատուութիւնն, ու երեւան կը հանուէր տարածաշրջանին մէջ անոր բացասական ներգործութիւնը` այս անգամ սուրիական պատուիրակութեան կողմէ:

Վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ կրօնական վարկածով համբաւ վաստկելու նկրտող Թուրքիոյ ներկայ նախագահին քաղաքականութիւնը փաստօրէն չէ յաջողած քողարկել անոր ծաւալապաշտական ախորժակը:

Ողջունելի է նման հարթակներու ճշգրիտ օգտագործումը ե՛ւ սուրիացի, ե՛ւ հայաստանցի պատուիրակութիւններուն յանդուգն մօտեցումները` ի խնդիր ոչ միայն  ազգային, այլ համամարդկային իրաւունքներու ձեռք բերման համար:

«Գ.»

Վարձկան Լոպիները Անզօր Են Ազնաւուրի Դիմաց

$
0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բովանդակ հայաշխարհը կը սգայ ֆրանսահայ երգիչի` Շարլ Ազնաւուրի կորուստը: Մահը սուգ կը պարտադրէ: Սիրելիի մը անվերադարձ հեռացումը թախիծ կը պատճառէ: Սա պահուն, Ազնաւուրի մահով, այդ բոլորին զուգահեռ եւ խիստ հակասական երեւոյթով, մենք կրնանք նաեւ տօնել իր յաղթանակը:

Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեանի մահը պսակադրում մըն է նաեւ ամբողջ կեանքի մը տեւողութեամբ կուտակուած յաջողութիւններու շարանին: «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ հրատարակուած կենսագրութիւնը յաղթանակի բազմաթիւ օրինակներ կը նկարագրէ` սկսելով անոր բեմական կեանքի առաջին աստիճաններէն: Նուաճած բոլոր բարձունքներուն հասած է յամառ պայքարով` մաքառելով ինչ ինչ դժուարութիւններու դէմ:

Դժուար էր գաղթական մը ըլլալով` նախ մուտք գործել ֆրանսական բեմէն ներս, ապա մագլցիլ այդ ճանապարհի սանդուխներով ու հասնիլ գագաթ, այդ բարձունքէն հաղորդուիլ աշխարհի չորս ծագերուն եւ այդ բոլորին մէջ պանծացնել նաեւ հայու անունը:

Թուրքիոյ մէջ պետութեան անունով գործող քաղաքական միտքը երկար ժամանակ դժգոհեցաւ բուռ մը հայուն համաշխարհային գետնի վրայ տիրացած ուժէն: Ամէն անգամ որ խորհրդարանի մը օրակարգին կու գար Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը, թուրք գործիչներ կը փորձէին տրամաբանական բացատրութիւն մը գտնել այդ բանաձեւին բարձրացման ետին: Երկար տարիներ այս երեւոյթը մեկնաբանեցին ընտրութիւններով, մինչդեռ իրենք եւս ունէին սփիւռք այդ երկիրներու մէջ: Ապա, չես գիտեր` ո՞ր խելքին ծառայելով, մտաբերեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող լոպիական ընկերութիւններու դիմել: Հսկայ գումարներ վճարեցին այդ ընդհանրապէս հրէական ծագումով կազմակերպութիւններուն: Կ՛ակնկալէին, որ տուեալ ընկերութիւնը զանազան եղանակներով պիտի կաշառէ քոնկրեսականներ կամ ծերակուտականներ, որոնք Թուրքիոյ ի նպաստ դիրք պիտի բռնեն ամերիկեան քաղաքական դաշտին վրայ:

Անշուշտ որ ապարդիւն էին այդ բոլորը: Ապարդիւն էր, քանի որ մղուած էր չար միտքով: Անարդարութիւնը անխուսափելի կերպով պիտի պարտուէր արդարութեան դիմաց: Թուրքիոյ պետութեան մսխած միլիոնաւոր տոլարներուն դիմաց կանգնած էր Ազնաւուր` իր արդար, մարդասէր, համամարդկային բոլոր յատկութիւններով: Մեծխօսիկութեան կարիք չունէր ան: Կը բաւարարուէր իր գործը, որդեգրած ուղին լաւագոյնս կատարելով:

Կ՛արժէ աւելցնել այլ երեւոյթ մը: Դարձեալ «Արաս» հրատարակչութեան միջոցով կարդացած ենք Միսաք Մանուշեանի յուշերը: Հոն եւս կը հանդիպինք յետ եղեռնեան տարիներուն Ֆրանսա ապաստանած գաղթականի մը կերպարին: Աւելի՛ն. կը տեսնենք, որ Մանուշեան մտերիմ եղած է Ազնաւուրեաններուն: Վաղինակը դեռատի պատանի մըն էր այդ տարիներուն, երբ Միսաք իր ամբողջ էութեամբ մասնակցած է ֆաշիստներու դէմ ֆրանսական դիմադրական շարժումին: Ահաւասիկ` կերպար մը եւս, որ ինքնին լոպիի մը ազդեցութիւնը գործած է ֆրանսացի հասարակութեան վրայ: «Կարմիր որմազդ»-ի հերոսին ազդեցութիւնը վարձկան լոպիներով չէզոքացնելը այդքան ալ դիւրին բան չէ: Մանուշեան, Ազնաւուր կամ Ուլիիըմ Սարոյեան իրենց գործին բնական արդիւնքով հայուն անունը պանծացուցին իրենց ապրած երկիրներուն մէջ: Այդ է պատճառը, որ Մաքրոն ֆրանսական շանսոնէի արքային մահուան գոյժը յայտնած պահուն կը յիշէ հայ ժողովուրդը: Այդ է պատճառը, որ Փարիզի քաղաքապետը Էյֆելի աշտարակը կը լուսաւորէ ի յիշատակ Շարլ Ազնաւուրի` ներքեւը զետեղելով մեծ պաստառ, որուն վրայ իր երգերով կը տողանցէ Ազնաւուր: Նոյն պահուն Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ հայ ժողովուրդը իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ մոմավառութիւններով եւ ազնաւուրեան երաժշտութիւն լսելով:

Ազնաւուր եւս «մահուամբ զմահ կոխեաց»:

Յարգա՛նք իր վաստակին:

pakrates@yahoo.com

 

 

 

Յեղափոխութեան Շուրջ Համախմբում

$
0
0

ԽԱՉԻԿ-ՀՐԱԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Երիտասարդ յօդուածագիր  Խաչիկ Հրակ Տեմիրճեանի յօդուածին տեղ կու տանք` այնտեղ արծարծուած որոշ միտքերու հանդէպ մեր վերապահութիւնները յայտնելով: Հայաստանի մէջ արձանագրուած յեղափոխութիւնն ու յետյեղափոխական իրադարձութիւները օրինական դաշտին մէջ պահելը գերակայ առաջադրանք պէտք է մնայ, նախ` անշուշտ հակաօրինական նախադէպեր չստեղծելու եւ ժամանակի ընթացքին յաջորդ որեւէ յեղափոխութիւն առաջացնողներուն արդարացում չտալու` նախընթաց հակաօրինականութեան չդիմելու:

Երկրորդ, յաչս միջազգային հանրութեան, ամէն գործընթաց սահմանադրականութեան եւ օրինական դաշտին մէջ պահելը ոչ միայն  կը նպաստէ երկրի ու պետութեան միջազգային հեղինակութեան բարձրացման , այլ նաեւ` նորահաստատ իշխանութիւններու օրինականութեան ճանաչելիութեան:

Ինչ կը վերաբերի յեղափոխական-հակայեղափոխական բաժանարարութեան, ապա անիկա կը վերածուի նպաստող գործօնի` հասարակութեան բեւեռացումի, անոր ճամբարներու միջեւ բաժանումի եւ նոյնինքն հրաժարեալ վարչապետի բառերով` քաղաքական «ռասիզմ»-ի: Ինչէն, բարեբախտաբար, կ՛ուզէ հրաժարիլ Հայաստանի քաղաքական դաշտի այսօրուան գլխաւոր ուժը, որ նաեւ հրապարակայնօրէն կ՛ըսէ, թէ հասած է «բարիկատներ»-ը քանդելու ժամանակը:

ԽՄԲ.

Գարնան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը կու գար  իր յատուկ դրոշմը դնելու մերօրեայ պատմութեան վրայ: Արդարեւ, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ յեղափոխութիւն, որ զատորոշուեցաւ վերջին ժամանակաշրջանի գունաւոր յեղափոխութիւններէն: Յեղափոխութիւն, որ կարելի չեղաւ շահագործել օտար ուժերու կողմէ, ուր չեղան մարդկային կորուստներ, եւ իշխանութեան անցնցում փոխանցում կատարուեցաւ: Անհերքելի փաստ է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը կու գար վերջ դնելու Հայաստանի փտածութեան, կաշառակերութեան եւ հիմքը դնելու նոր Հայաստանի մը ձեւաւորման: Նոր Հայաստան, ուր վերջապէս մեր հայրենի ժողովուրդը մեծ հաւատք ունի իր իշխանութիւններուն նկատմամբ: Վերջապէս իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին միջեւ անվստահութեան, վախի եւ դժգոհութեան վիհը փակուած կարելի է նկատել: Այսօր ժողովուրդը արդէն կը հաւատայ իշխանութեան, անոր անշահախնդրութեան եւ, ինչ որ աւելի կարեւոր է, ան արդէն կը հաւատայ նոր ու բարեկեցիկ Հայաստանի մը զարգացման եւ ինքզինք կը զգայ դերակատար` սոյն տեսլականին գործադրութեան համար տարուող աշխատանքին մէջ:  Սակայն այս յեղափոխութիւնը տակաւին չէ արձանագրած իր ամբողջական յաղթանակը: Մինչեւ արտահերթ ընտրութիւններու կայացումը եւ նախկին կեղեքողներու դատապարտումը` կարելի չէ յեղափոխութիւնը նկատել ամբողջացած:

Սոյն յօդուածը կը միտի թաւշեայ յեղափոխութեան վերաբերեալ որոշ մտածումներ արձանագրել եւ ընթերցողին հետ բաժնել որոշ մտահոգութիւններ:

Օրէնքի գերակայութեան անհեթեթութիւն

Թաւշեայ յեղափոխութեան բերմամբ, փոխուեցաւ երկրին գործադիր իշխանութիւնը, եւ որոշ փոփոխութիւններ կատարուեցան դատական իշխանութեան մէջ, սակայն օրէնսդիր իշխանութիւնը մնաց նոյնը: Ասիկա արդէն հիմնական անհեթեթ կէտն է, որ առիթ դարձաւ այլ հարցերու յառաջացման: Արդարեւ, այսօր օրէնսդիր իշխանութեան մեծամասնութիւնը կը կազմէ նախկին վարչապետին ղեկավարած կուսակցութիւնը: Յեղափոխութիւնը Սերժ Սարգսեանին դէմ չէր միայն, այլեւ` անոր ղեկավարած համակարգին դէմ, կատարուած ընտրակեղծիքներուն դէմ, զեղծարարութեան դէմ, մենաշնորհներուն դէմ: Այսօր կեղծիքներով եւ  զեղծարարութեամբ ու ճնշումներով ընտրուած այս պատգամաւորներուն վստահուած է վարել նոր Հայաստանի օրէնսդիրի պաշտօնը, անոնց վստահուած է ընտրական նոր օրէնսգիրքի մշակումը եւ յեղափոխութիւնը իր լրումին հասցնելը: Այս տրամաբանութեամբ, օրէնքի գերակայութիւնը եւ սահմանադրական ամբողջական իրագործումը կը դառնան անհեթեթ եւ կը նպաստեն հակայեղափոխութեան: Արդարեւ, օրէնքները ժողովուրդին ծառայելու համար ստեղծուած են: Իսկ յեղափոխութիւն` կը նշանակէ անպայման որոշ օրէնքներու խախտում: Եթէ ամէն ինչ օրինական ճամբով իրագործուի, ապա յեղափոխութեան անհրաժեշտութիւն չ՛ըլլար: Իսկ եթէ գարնան նոյն այս օրէնքներու «խախտում» չըլլար, այսօր արդէն Սերժ Սարգսեանը թեւակոխած կ՛ըլլար իր մենիշխանութեան վեցամսեակը: Մինչեւ յեղափոխութեան ամբողջացումը` անհեթեթ է խօսիլ օրէնքի տառին գործադրութեան մասին: Արդարեւ, տուեալ օրէնքներէն շատեր մշակուած են նախկին փտած համակարգին կողմէ` անոր կեղեքումները աւելի հեզասահ կատարելու նպատակով:

Համերաշխութեան սխալ մեկնաբանութիւն

Զարմանալի յաջորդ կէտը համերաշխութեան կոչն է: Ի՞նչ համերաշխութեան մասին է խօսքը, երբ կայ իշխանութիւն մը, որ սանձարձակ իշխած է այսքան տարի եւ հարստութիւն դիզած է ապօրինի տարբեր միջոցներով: Ինչպէ՞ս թալանուած ու կողոպտուած ժողովուրդը կրնայ ընդունիլ համերաշխութիւն` տուեալ իշխանութիւններուն հետ: Ի վերջոյ այդ ժողովուրդն է, որ այս թալանին պատճառով կ՛ապրի տնտեսական վատ վիճակի մէջ եւ յաճախ կը ստիպուի լքել երկիրը` փոփոխութեան ոչ մէկ տեսլական ունենալով: Շատեր կը նեղանան, երբ յեղափոխական-հակայեղափոխական բաժանումը տեղի կ՛ունենայ: Յատկապէս երբ, ըստ իրենց, այդ բաժանումը ճիշդ ձեւով չէ, որ կը կատարուի: Այսօր յստակ եւ իրաւացի բաժանում կայ յեղափոխականներու եւ հակայեղափոխականներու միջեւ: Եւ այս բաժանումը շատ պարզ է: Բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան նախկին իշխանութիւններու վերադարձին եւ ուղղակի կերպով կամ անուղղակիօրէն կը նպաստեն անոր վերադարձին, կը նկատուին հակայեղափոխական: Իսկ բոլոր այն ուժերը, որոնք կը մերժեն նախկին իշխանութիւններու օրինականութիւնը եւ կը հաւատան ժողովուրդի ուժին ու փոփոխութեան անհրաժեշտութեան, կը նկատուին յեղափոխական: Իսկ համերաշխութիւնը, որուն շատեր կ՛ակնարկեն, պէտք է ըլլայ այս յեղափոխական ուժերուն միջեւ: Այո՛, համերաշխութեան կոչ կ՛ուղղէ նոյնինքն յեղափոխութեան առաջնորդը: Բայց անոր կոչը կը վերաբերի նախ եւ առաջ յեղափոխական ուժերու համերաշխութեան: Ճիշդ է` բոլոր յեղափոխական ուժերը պայման չէ, որ միշտ համաձայն ըլլան վարչապետին վարած քաղաքականութեան հետ, եւ բնական է այս անհամաձայնութիւնը, բայց անոնք պէտք է յանգին ընդհանուր յայտարարի` վստահութեան եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ: Սոյն ուժերուն առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ յեղափոխութեան ամբողջական յաղթանակը: Եւ այս սկզբունքէն պէտք չէ երբեք զիջին: Իսկ ընդհանուր համերաշխութեան եւ միասնականութեան կոչերը, որոնք կ՛ըլլան բազմաթիւ քաղաքական ուժերու կողմէ, եւ որոնք կը ներառեն համերաշխութիւն` նախկին իշխանութիւններուն եւ նոր իշխանութիւններուն միջեւ, պարզապէս վերոյիշեալ համերաշխութեան սխալ մեկնաբանութիւններ են: Ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել համերաշխութիւն` կեղեքողին եւ կեղեքուողին միջեւ, նախքան` կեղեքողին դատապարտումը:

Այսօր թաւշեայ յեղափոխութիւնը իր լրումին հասցնելը պարտականութիւնն է իւրաքանչիւր հայրենասէր հայու կամ կազմակերպութեան, որ կը հաւատայ նոր Հայաստանի ստեղծման անհրաժեշտութեան: Սոյն պարտականութեան ստանձնումը չի նշանակեր անպայման ամէն ինչով համաձայնիլ յեղափոխութեան առաջնորդներուն հետ, այլ` պատասխանատու եւ կառուցողական ձեւով ներկայացնել առաջարկներ, այլընտրանքներ, որոնք յստակօրէն կը միտին նպաստել յեղափոխութեան յաջողութեան եւ ոչ մէկ ձեւով առիթ կու տան նախկին իշխանութիւններու վերադարձին: Այս յանձնառութիւնը կը նշանակէ յեղափոխութեան վտանգուած ժամանակ ըլլալ ամբողջական նեցուկ յեղափոխութեան ու անոր առաջնորդներուն: Այսօր շատեր կը խօսին նոր իշխանութիւններու անփորձութեան կամ սխալներուն մասին: Եւ այստեղ է, որ պէտք է անհրաժեշտութիւնը տեսնել յեղափոխական ուժերու միասնականութեան եւ համերաշխութեան` սրբագրելու այդ սխալները, առանց այդ սխալները խոշորացոյցի տակ առնելու եւ առիթ տալու, որ այդ սխալները օգտագործուին նախկին իշխանութիւններուն կողմէ:

Գարնան սկսած թաւշեայ յեղափոխութիւնը արդէն իր վերջին փուլը թեւակոխած է: Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն կայացումը եւ նախկին կեղեքողներու դատապարտումը կը մնան վերջին քայլերը այս յեղափոխութեան ամբողջական յաղթանակին եւ նոր Հայաստանի ստեղծման տեսլականին: Այստեղ քաղաքական բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը հաւատան նոր Հայաստանի ստեղծման, բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք Հայաստանի շահը կը գերադասեն իրենց խմբային շահերէն, պէտք է մասնակից ըլլան սոյն յեղափոխութեան յաջողութեան, մասնակից ըլլան նոր Հայաստանի ստեղծման ու զարգացման: Ինչպէս ՀՅԴ մանիֆեստը կ՛ըսէր դեռ 1890-ին` «Համախմբուե՛նք, հայե՛ր, եւ քաջութեամբ առաջ տանենք հայրենիքի ազատութեան սուրբ գործը»: Ազատութիւն` իր իսկ հայրենի ժողովուրդը կեղեքողներէն, ազատութիւն` ժողովուրդի հաշուոյն հարստացողներէն:

 

 

Ակնարկ. Քարիւղը` Դարձեալ Քաղաքական Զէնք

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Սէուտական Արաբիոյ ուժանիւթի նախարար Խալետ պըն Ապտելազիզ Ֆալեհ կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնք առերեւոյթ մտահոգութիւններ փարատելու համար են, սակայն խորքին մէջ կու գան Թուրքիոյ նախագահին կողմէ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան վերաբերեալ «ամբողջ ճշմարտութեան» բացայայտումին եւ անոր յաջորդելիք միջազգային հաւանական պատժամիջոցներուն նախօրեակին վերահաստատելու կամ վերյիշեցնելու Ռիատի կողմէ նախապէս նշուած սպառնալիքները:

Նախարարը յայտնեց, թէ որեւէ երաշխիք չկայ, թէ քարիւղին տակառին գինը պիտի չշրջանցէ 100 տոլարը: Անոր խօսքը կը վերյիշեցնէ Սէուտական իշխանութիւններուն մօտիկ եղող յօդուածագիր Թուրքի Տախիլի գրիչէն մէկ շաբաթ առաջ լոյս տեսած յօդուածին մէջ նշուած այն տեղեկութիւնը, թէ սէուտական իշխանութիւններու միջանցքներուն մէջ կը խօսուի աւելի քան 30 սէուտական հակաքայլերու մասին, եւ թէ «Սէուտական հաւանական հակաքայլերէն մէկը պիտի ըլլայ 7,5 միլիոն տակառ նաւթ արտադրել, եւ եթէ (քարիւղի տակառի) 80 տոլարի գինը զայրացուց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, ապա ոչ ոք թող զարմանայ, եթէ ատոր գինը բարձրանայ 100, 200-ի կամ այդ թիւին կրկնապատիկին»: Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին 14 հոկտեմբերին յայտարարեց, որ սէուտական տնտեսութիւնը մեծ եւ կարեւոր դեր կը կատարէ աշխարհին վրայ, եւ եթէ անիկա տուժէ, ապա ատիկա համաշխարհային ազդեցութիւն պիտի ունենայ:

Սէուտցի նախարարը նաեւ նշեց. «Եթէ 2019-ին քարիւղի մատակարարումը օրական 3 միլիոն տակառով նուազի, ապա պիտի չկարենանք այդ բացը փոխհատուցել»: Ան անուղղակի կերպով կ՛ակնարկէր 4 նոյեմբերին Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու երկրորդ փուլին, որուն նպատակը իրանեան նաւթի ներածումները զերոյի հասցնելն է: Այդ նպատակի իրագործումը բնականաբար քարիւղի միջազգային շուկային մէջ պիտի ստեղծէ բաց մը, զոր պէտք է փոխհատուցել, այլապէս նաւթի գինը պիտի արձանագրէ նկատառելի աճ:

Ռիատի կողմէ այդ բացը գոցելու մերժումը պիտի ըլլայ ի նպաստ Իրանի եւ, բնականաբար, երկու կողմերուն միջեւ պիտի յառաջացնէ շահերու համընկնում մը. իրողութիւն մը, որուն տարողութիւնը չափազանցելով ակնարկած էր սէուտցի իշխանամէտ յօդուածագիրը` նշելով. «Ենթադրեալ այդ (ամերիկեան) պատժամիջոցները կրնան առաջնորդել Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ մերձեցման, ինչ որ Միջին Արեւելքի մէջ հսկայական շրջադարձ մըն է: Այդ պատժամիջոցները Ռիատը պիտի մղեն դէպի Իրան եւ Ռուսիա, ինչպէս նաեւ Համաս շարժումն ու Հըզպալլան թշնամիներէ բարեկամներու պիտի վերածեն»: Խորքին մէջ տեղի ունենալիքը շահերու համընկնում մըն է եւ ոչ թէ` մերձեցում:

Այս բոլորին լոյսին տակ, Սէուտական Արաբիոյ ուժանիւթի նախարարին այն յայտարարութիւնը, թէ իր երկիրը քարիւղի քաղաքականութիւնը կ՛օգտագործէ իբրեւ տնտեսական միջոց եւ ոչ թէ` քաղաքական զէնք, չի կրնար համոզիչ ըլլալ: Այո՛, թերեւս ճշմարիտ է անոր խօսքը, թէ Ռիատ չ՛ուզեր 1973-ին նման արեւմուտքցի սպառողներուն դէմ նաւթի արգելք հաստատել, սակայն այդ չի նշանակեր, թէ քարիւղը դարձեալ չ՛օգտագործուիր իբրեւ քաղաքական զէնք: Արդարեւ, ուժանիւթի միջազգային շուկային մէջ Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներէն գոյանալիք բացի փոխհատուցման մերժումը դժուար թէ Ուաշինկթընի կամ այլոց կողմէ ընկալուի իբրեւ բացառապէս տնտեսական քայլ:

 

 

Հայերը Եւ Համաշխարհային Պաղ Պատերազմը. Պատմութիւն, Յիշողութիւն Եւ Ժառանգութիւններ

$
0
0

Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանին հայոց վերաբերեալ քաղաքական եւ այլ զարգացումները ցարդ լայն տեղ չեն գտած պատմութեան գիրքերու մէջ: Արդի հայ պատմագիտութեան անդրադարձը ծանրացած է Պաղ պատերազմի նախորդող շրջանին, յատկապէս` Ա. Համաշխարհային պատերազմի, Մեծ եղեռնի ու յաջորդ  տարիներուն վրայ: Այսուամենայնիւ, 1945-1991 ժամանակաշրջանը շարք մը կարեւոր զարգացումներ արձանագրուած են Խորհրդային Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ: Արդարեւ, հայերը մէկէ աւելի ձեւերով ներգրաւուած էին Պաղ պատերազմին մէջ, որ իրարու դէմ հանեց ժամանակի երկու գերտէրութիւնները` Խորհրդային Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները: Հայութեան մէկ մասը Խորհրդային Հայաստան կ’ապրէր, իսկ մէկ ուրիշ մասը` սփիւռքի մէջ, գլխաւորաբար Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներ, Արեւմտեան Եւրոպա, Պալքաններ եւ Միջին Արեւելք: Սփիւռքեան համայնքները բաժնուած էին ըստ քաղաքական ուղղութիւններու, որոնք Պաղ պատերազմի ծիրին մէջ տարբեր կեցուածքներ որդեգրեցին գերտէրութիւններուն նկատմամբ: Անշուշտ միջազգային քաղաքական կլիման ուժգնօրէն կ’ազդէր հայկական կուսակցութիւններու փոխադարձ կեցուածքներուն, ինչպէս եւ Խորհրդային Հայաստանի հետ անոնց յարաբերութիւններուն վրայ:

Այս դասախօսութեան մէջ տոքթ. Արա Սանճեանը փորձեց արդի հայ եւ միջազգային պատմագրութեան բացերը մասամբ լրացնել` Պաղ պատերազմի ժամանակի հայ քաղաքական գործունէութեան ու մտածողութեան զարգացումի որոշ դրուագներ ներկայացնելով: Տոքթ. Սանճեան Միշիկըն համալսարան-Տիրպորնի դասախօս է եւ` անոր Հայկական հետազօտութեան կեդրոնին տնօրէնը: Այս դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ, հինգշաբթի, 24 մայիս 2018-ին, Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի տնօրէն տոքթ. Գրիգոր Մոսկոֆեանի կազմակերպութեամբ եւ Ռաֆայէլ Կրեկորեանի ատենավարութեամբ:

Պաղ պատերազմը սովորաբար դիտուած է իբրեւ գաղափարական բախում մը` դրամատիրական ազատ շուկայի եւ ընկերվարական վարչահրամայական տնտեսութիւններու ու հասարակութիւններու միջեւ: Այս բախումին արմատները կարելի է գտնել այդ երկու գաղափարախօսութիւններուն վերելքի ժամանակաշրջանին մէջ, ԺԹ. դարուն, երբ Ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնը իր աստեղային ժամը կ’ապրէր Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մեծ մասին մէջ, եւ ատոր պատճառով ալ աշխատանքային նոր բաժանումներու, հում նիւթերու գինի եւ տնտեսական կառավարումի խնդիրները ասպարէզ եկան:

Տոքթ. Սանճեանը Հայաստանի խորհրդայնացումը կը նկատէ իբրեւ այս գաղափարական բախումին սկիզբը` աշխարհատարած հայութեան մէջ: Հայաստանի ժողովուրդը այլ ընտրութիւն չունէր, քան` ընդունիլ խորհրդային վարչակարգն ու անոր հետ եկող գաղափարական բեռը: Սակայն, աքսորեալ հայկական կուսակցութիւնները, որոնք աւելի ազատ էին իրենց սեփական գաղափարախօսական կեցուածքները ճշդելու, պէտք էր յստակ ընտրութիւն մը ընէին խորհրդային համայնավար եւ Արեւմուտքի ազատ շուկայական գաղափարախօսութիւններուն միջեւ: Սակայն այդ կուսակցութիւններուն հակամարտ հայեացքները ոչ այնքան տնտեսական բախումէ ծնունդ առին, որքան` միջազգային ուժի հաւասարակշռութեան նկատմամբ անոնց տեսակէտներէն եւ խորհրդահայ վարչակարգի օգտաւէտութեան մասին անոնց տարբեր կարծիքներէն: Այլ խօսքով, սփիւռքահայ կուսակցութիւններուն կեցուածքները ներհամայնքային պայքարներու եւ խորհրդային կարգերու հանդէպ անոնց միջեւ անհամաձայնութեան հետեւանք էին, աւելի քան` գաղափարական շեշտուած տարբերութիւններու:

Առհասարակ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դիրքորոշումը հակախորհրդային էր: Այս կեցուածքը մեծաւ մասամբ կուսակցութեան Հայաստանէն վտարումին հետեւանքն էր: Հնչակեան կուսակցութիւնը, միւս կողմէ, ընդհանրապէս խորհրդայնամէտ էր: Որոշ հնչակեաններ փաստօրէն կը նոյնանային համայնավարութեան հետ, մինչ ուրիշներ նուազ նուիրուած էին անոր: Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը հետաքրքրական պարագայ մը կը ներկայացնէ: Ռամկավար կուսակցութիւնը ազատական տնտեսական գաղափարախօսութեան կը հետեւի, ազատ շուկայական սկզբունքներու ջատագով է եւ կը նոյնանայ քաղքենի տարրերուն հետ: Այսուհանդերձ, ան խորհրդային կարգերը կ’ընդունէր, այնքան ատեն որ կը հաւատար, թէ Ռուսիոյ հետ կապը կը նպաստէր Հայաստանի ապահովութեան ու ընկերա-տնտեսական զարգացումին:

Սփիւռքեան հայկական խմբաւորումներու հակամարտութեան մակարդակը Բ. Համաշխարհային պատերազմէն առաջ ու ետք լայնօրէն տարուբերած է: Բ. Համաշխարհային պատերազմէն առաջ ամէնէն խիստ բաժանումը տեղի ունեցած է Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ դեկտեմբեր 1933-ին Ղեւոնդ արք. Դուրեանի սպանութենէն ետք: Ան ուղղակի հետեւանք էր դաշնակցականներու եւ անոնց ընդդիմադիրներու միջեւ տիրող լարուածութեան: Այդ լարուածութիւնը զգալիօրէն բարձրացած էր այդ տարի, երբ Դուրեան առարկած էր հայկական եռագոյն դրօշակի ներկայութեան բեմին վրայ` Շիքակոյի ցուցահանդէսի մը ընթացքին հայկական օրուան տօնակատարութեան: Ան պնդած էր, որ չէր ուզեր Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան զայրոյթը յառաջացնել, ու այս կեցուածքը նախատինք մը նկատուած էր համայնքի դաշնակցական որոշ անդամներու կողմէ:

1943-1947 Դաշնակցութեան առաջնահերթութիւնները փոխուեցան: Կուսակցութիւնը աւելի համակրանքով նայեցաւ խորհրդային կարգերուն, երբ Հայաստանի սահմաններուն ծաւալումի հնարաւորութիւններ սկսան երեւիլ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն անմիջապէս ետք: Սիմոն Վրացեանը` անկախ Հայաստանի վերջին վարչապետը, դաշնակցական այս նոր տեսակէտի պարզաբանումին հիմնական դերակատարը եղաւ: Այսուհանդերձ, Արեւմուտքը խիստ ընդդիմացաւ Խորհրդային Միութեան տարածքային ծաւալումին, յատկապէս` Թուրքիոյ հաշուոյն, որ շուտով Արեւմուտքի ռազմավարական դաշնակիցը դարձաւ: Հետեւաբար, 1943-1947 տարիները պարզապէս միջնարար մը եղան, որուն ընթացքին հայկական կուսակցութիւններու ակնկալիքները ժամանակաւորապէս զուգադիպեցան:

1946-1948 եւ 1962-էն ետք հայրենադարձութեան ճիգերը հայկական Պաղ պատերազմի պատմութեան կարեւոր մաս կը կազմէին: Շատերը կը պնդեն, որ 1946-1948 հայրենադարձութիւնը տեղի ունեցաւ դէպի Կարսի ու Արտահանի շրջանները խորհրդային ծաւալումի ակնկալութեամբ, թէեւ տակաւին պէտք է հիմնաւոր կերպով ապացուցել, որ խորհրդային այս երկու քաղաքականութիւններուն միջեւ ուղղակի կապ կար: Այդ հայրենադարձութիւնը յատկանշական է նաեւ այն իրողութեամբ, որ դաշնակցականները անոր կազմակերպութենէն դուրս դրուեցան: Աւելի՛ն. անիկա առիթ դարձաւ, որ հակադաշնակցական հատուածները քարոզչական արշաւի մը ձեռնարկէին իրենց մրցակիցին դէմ, որ ճեղքերը խորացուց սփիւռքի տարածքին: Հակառակորդ հատուածներու հակամարտութիւնը եւ անոնց տարբեր կեցուածքները Խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ շարունակուեցան, մինչ հայրենադարձութեան դժգոհութեան առաջին արձագանգները սկսան թափանցել Սփիւռքի մէջ 1946-ին, առաջին կարաւաններու հայրենիք մեկնումէն քիչ ետք:

Լիբանանը միջկուսակցական կատաղի պայքարի բեմը եղաւ 1947-1960: Լիբանանահայ մամուլին վերլուծումը, յատկապէս` այս ժամանակաշրջանի լիբանանեան խորհրդարանական ընտրարշաւներուն ընթացքին, ցոյց կու տայ, որ Դաշնակցութիւնը կը փորձէր հնչակեաններն ու ռամկավարները նսեմացնել` զանոնք լոկ իբրեւ համայնավարներուն ուղեկից ներկայացնելով: Մինչ պատերազմեան տարիներուն նման շեշտ դրուած չէր, իսկ դաշնակցականները այս մարտավարութենէն դարձեալ հրաժարեցան 1960-ական թուականներուն: Ասիկա Պաղ պատերազմի տարր մըն է, որ գործի դրուեցաւ հայկական կուսակցութիւններու համայնքային քաղաքականութեան մէջ, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, որ, մինչեւ այն ատեն, դաշնակցականները մերժած էին արտաքին ուժեր ներգրաւել հայկական այլ կուսակցութիւններու հետ իրենց մրցակցութեան ընթացքին: Այս սկզբունքը լքուեցաւ 1951-ին, ու այսպէսով համաշխարհային Պաղ պատերազմը մուտք գործեց սփիւռք:

Դաշնակցութեան թեքումը դէպի Արեւմուտք արդէն արձանագրուած էր 1947-ին: Այս իմաստով, կարեւոր կերպար մըն էր Դրոն` հռչակաւոր զինուորական հրամանատարն ու անկախ Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարարը: Ան ուշ 1940-ական եւ վաղ 1950-ական թուականներուն գործակցած է Սի. Այ. Էյ.ի հետ: Անոր գործունէութեան մասին ամերիկեան որոշ փաստաթուղթեր գաղտնազերծուած են վերջին տարիներուն:

Այսուհանդերձ, խորհրդային իշխանութիւնները նոյնպէս փորձեցին շահագործել հայկական ազգայնականութիւնը` իրենց կողմը ներքաշելու համար սփիւռքահայերը, ներառեալ` դաշնակցականները: Ասոր մէկ օրինակը կը ներկայացնէ Գարեգին Նժդեհը, որ Պուլկարիոյ մէջ ձերբակալուած ու Սիպերիա աքսորուած էր` նացիներու հետ գործակցած ըլլալու համար: Ան 1952-ին իր աքսորավայրէն Երեւան բերուած էր, ուր իրմէ խնդրուած էր Ս. Վրացեանին նամակ մը գրել` հարցնելով, թէ արդեօք ինք ու իր դաշնակցական ընկերները պատրա՞ստ էին Խորհրդային Միութեան հետ պայքարելու Թուրքիոյ դէմ, եթէ պատերազմ ծագէր այդ երկու պետութիւններուն միջեւ:

Այս զարգացումները անկասկած կապ ունէին ժամանակաշրջանի միջազգային շրջագիծին հետ, ուր 1947-ին տեղի ունեցան` Թրումընի վարդապետութեան հռչակումը, Եւրոպայի վերակառուցումին ուղղուած Մարշալի ծրագիրի սկզբնաւորումը, Վիաչեսլաւ Մոլոթովի խորհրդային հակածրագիրին առաջ քաշումը, Կոմինֆորմի ստեղծումը եւ ամերիկացի դիւանագէտ Ճորճ Քենանի` Խորհրդային Միութիւնը սանձելու (contain) գաղափարի տարածումը:

Ստալինի մահէն ետք (1953), Նիքիթա Խրուշչեւի շրջանը զուգադիպեցաւ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ամէնէն ուժեղ հակամարտութեան տարիներուն, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ: Պատճառներէն մէկը այն էր, որ Խրուշչեւի կառավարութիւնը հետամուտ էր կապեր հաստատելու, այսպէս կոչուած, Երրորդ աշխարհին հետ` ի տարբերութիւն 1947-էն ետք Ստալինի յարաբերական անտարբերութեան: Խրուշչեւի նոր քաղաքականութիւնը կը ներառէր հայերը` Միջին Արեւելքի մէջ թէ այլուր:

Պէտք չէ անտեսել նաեւ ամերիկեան կառավարութեան դերը Լիբանանի մէջ: Երբ 1957-ին լիբանանեան արեւմտամէտ կառավարութիւնը, ամերիկեան օգնութեամբ, ընտրութիւնները խարդախելու դիմեց, մասամբ յենած էր Դաշնակցութեան օժանդակութեան վրայ: Պէյրութի որոշ ընտրատարածքներու սահմանները դիտաւորեալ կերպով գծուած էին, որպէսզի կարելի դառնար ՀՅ դաշնակցութեան հետեւորդներու քուէներուն օգտագործումը` օրուան նախագահի արեւմտամէտ քաղաքականութեան դէմ կանգնող սիւննի համայնքի արաբամէտ թեկնածուներուն յաղթելու:

Լիբանանահայ համայնքին լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ Անթիլիասի կաթողիկոսական ընտրութեան տագնապին (1952-1956) եւ 1958-ի լիբանանեան կարճատեւ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին: Մայիս-նոյեմբեր 1958-ին 35-40 հայորդիներ զոհ դարձան փոխվրէժի սպանութիւններու, որոնք հակամարտ հայկական կողմերէն խրախուսուած էին: Այս բռնութիւնները տեղի ունեցան լիբանանեան քաղաքական դաշտի արեւմտամէտ եւ հակա-արեւմտեան ճամբարներու բաժանումին զուգահեռաբար: Հոկտեմբեր 1958-ին, քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք, ներհայկական բրտութիւնն ալ իր աւարտին հասաւ` Լիբանանի յետպատերազմեան ազգային հաշտութեան կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարարի ջանքերուն շնորհիւ:

1959-ին կարեւոր շրջադարձ մը տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ, երբ Եգիպտոսի նախագահ Կամալ Ապտել Նասեր, բացայայտօրէն առաջին անգամ ըլլալով հրապարակաւ քննադատեց արաբ համայնավարները: Նասերի այս նոր կեցուածքը Դաշնակցութեան առիթը տուաւ, որպէսզի աւելի համարաբական դիրքորոշում մը որդեգրէր, որ իր վաղեմի հակախորհրդային կեցուածքին կը յարմարէր: Այս շրջադարձը նաեւ Դաշնակցութեան դիրքը կ’ամրացնէր շրջանին մէջ աճող համարաբական եւ հակագաղութային զգացումներու ծիրին մէջ: Միաժամանակ այս նոր դիրքաւորումը մասամբ կը փակէր շրջանային քաղաքականութեան հարցերու մէջ դաշնակցականներու եւ իրենց հնչակեան ու ռամկավար հակառակորդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ճեղքը:

1960-ական թուականներուն` միջկուսակցական լարուածութիւնը սկսաւ թուլնալ տեսակ մը մեղմացումի (detente) առաջնորդելով: Այս մեղմացումը վերագրելի է դէպի ազգային խնդիրներու շրջադարձի մը, որ կ’ընդգրկէր Ցեղասպանութեան ճանաչումը, Թուրքիայէն հատուցումի պահանջը, ինչպէս նաեւ խորհրդահայ հողային պահանջները` Վրաստանէն ու Ազրպէյճանէն: Բոլոր գոյներէ սփիւռքահայ կուսակցականներ սկսան կանոնաւորապէս Խորհրդային Հայաստան այցելել` անձամբ վկայ ըլլլալով, որ այնտեղ քաղաքականօրէն գործօն անհատներ մասնաւոր ձեւով, ինչպէս եւ` խնդրագրերով, Ղարաբաղի ու Նախիջեւանի հողային հարցերը կ’արծարծէին: Ասկէ զատ, Ցեղասպանութեան ճանաչումի նախաձեռնութիւնները թափ կ՛առնէին սփիւռքի մէջ, մինչ Մեծ եղեռնի յիսնամեակը կը մօտենար: Իվերջոյ, ան առաջին անգամ ոգեկոչուեցաւ նաեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Այս զարգացումները սփիւռքեան տարբեր քաղաքական հատուածները մերձեցնելու առիթ տուին: Պաղ պատերազմը միջկուսակցական յարաբերութիւններու նուազ որոշիչ ազդակ մը դարձաւ, ինչ որ իր կարգին ազդեց իւրաքանչիւր կուսակցութեան եւ Խորհրդային Հայաստանի միջեւ կապին վրայ: Այս փոխուած իրադրութեան մէջ, երբ աշխարհը սովորաբաբար երկրորդ Պաղ պատերազմ կոչուածին ականատես դարձաւ 1979-1985, անիկա շատ չազդեց հայութեան վրայ` ի տարբերութիւն 1945-ին յաջորդած առաջին Պաղ պատերազմին:

1980-ականներու երկրորդ կէսին Պաղ պատերազմը կարելի էր աւարտած համարել հայկական ոլորտին մէջ, յատկապէս` Միխայիլ Կորպաչովի «նոր մտածողութեան» գաղափարախօսութեան հանրայնացումով,որ դրամատիրութեան եւ համայնավարութեան անհաշտ հակամարտութիւնը կը մերժէր եւ համագործակցութեան կոչ կ’ուղղէր նախապէս ընդդիմադիր կողմերուն միջեւ: Հայաստանի Համայնավար կուսակցութիւնը 1989-ին պաշտօնապէս հրաժարեցաւ Դաշնակցութեան հանդէպ իր թշնամական դիրքէն: Հայաստանի անկախութենէն ի վեր երեք աւանդական կուսակցութիւնները հազիւ թէ պատճառ ունին իրարու ընդդիմանալու, առնուազն` գաղափարական մակարդակի վրայ, քանի որ այլեւս երկու գերտէրութիւններու միջեւ ընտրութիւն պէտք չէ կատարեն:

Ըստ Տոքթ. Սանճեանի, Պաղ պատերազմը քաղաքական պատճառներով քիչ ուսումնասիրուած նիւթ մըն է հայ պատմագրութեան մէջ: Այդ ժամանակաշրջանը յատկանշուած էր բացարձակ լարուածութեամբ` խորհրդային կառավարութեան եւ դաշնակցականներու միջեւ, ինչպէս եւ` սփիւռքահայ կուսակցութիւններու միջեւ: Այժմ ազգային միասնականութեան գաղափարը կը շեփորուի իբրեւ ամէն բանէ վեր, եւ, այդ առումով, տեղ չկայ Պաղ պատերազմի դարաշրջանի քննական ուսումնասիրութեան համար, քանի որ անոր մանրամասները վերջին տարիներու ազգային միասնականութեան միտումներուն դէմ գացած ըլլալ կը թուին: Ի լրումն, Ցեղասպանութեան մասին գիտական հետազօտութիւնը մեծ պահանջ ունի հայկական ակադեմական շրջանակներու մէջ, յաճախ` ի հաշիւ այլ նիւթերու: Ցեղասպանութեան վրայ այս կեդրոնացումը նաեւ կարելի է բացատրել ազգային միասնականութեան յարացոյցով, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը հայ քաղաքական դերակատարները անխտիր միացնող ազդակ մըն է: Առաջնահերթութիւններու այս դասակարգումը նորութիւն մը չէ հայ պատմագրութեան մէջ, որ յաճախ կեդրոնացած է հայ ազգը իբրեւ միասնական ներկայացնող պատմական օրինակներու վրայ, երբեմն ալ` անտեսելով ամբողջական իրականութեան մէջ այդ ցանկութեան հակասող որոշ բարդութիւնները:

ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՒՍՄԱՆՑ ԾՐԱԳԻՐԻ
ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԵՏ ԿԱՊԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

22 Եւ 24 Հոկտեմբեր 1975- Հայ Դատի Ուժական Պայքարին Ահաբեկչական Շղթայազերծումը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հոկտեմբերի այս օրերուն, 43 տարի առաջ, ահաբեկչական իրերայաջորդ զոյգ գործողութիւններ ցնցեցին քաղաքական աշխարհը, ճեղքեցին հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկումի մեծագոյն ու ահաւոր ոճիրներուն շուրջ հաստատուած միջազգային լռութեան պատը եւ ազդանշանը տուին Հայ դատի ուժական պայքարին նորովի շղթայազերծման:

Ճշգրիտ` 22 եւ 24 հոկտեմբեր 1975-ին, յաջորդաբար Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի եւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ քաղաքական ահաբեկումի ենթարկուեցան զոյգ երկիրներուն մէջ թրքական պետութիւնը ներկայացնող դեսպանները:

22 հոկտեմբեր 1975-ի կէսօրին երեք զինեալ երիտասարդներ ինքնաձիգ հրազէններով յարձակեցան Վիեննայի թրքական դեսպանատան շէնքին վրայ, սպաննեցին զէնքը քաշած պահակը եւ մտան դեսպան Հիւսէյին Տենիզ Թունելճիլի գրասենեակը: Յարձակման մանրամասնութիւնները փոխանցող մերօրեայ թրքական կայքէջներուն համաձայն,  ահաբեկիչները թուրք դեսպանին հարցուցած են, թէ ի՞նքն է դեսպանը եւ, հաստատական պատասխան ստանալէ ետք, բրիտանական ու իսրայէլեան արտադրութեան իրենց գնդացիրներով կրակած են դեսպանին վրայ:

Թուրք դեսպանը անմիջապէս մահացաւ, իսկ ահաբեկիչները արագօրէն դուրս եկան դեսպանատունէն ու ինքնաշարժ նստելով` անյայտացան…

Միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցները անմիջապէս ողողուեցան իւրօրինակ այդ ահաբեկչութեան մանրամասնութիւնները հրապարակող լրատուութեամբ եւ մեկնաբանութիւններով, նաեւ ու յատկապէս` գործողութեան պատասխանատուները եւ ահաբեկիչներուն ինքնութիւնը բացայայտելու հետեւողական, բայց ապարդիւն ճիգ թափելով:

Մամլոյ գործակալութեանց հետ հեռաձայնային կապ պահելով` անանուն տարբեր խօսնակներ  մինչ այդ հանրային կարծիքին անծանօթ ու ընդյատակեայ մէկէ աւելի կազմակերպութեանց անունով ստանձնեցին Աւստրիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանին ահաբեկման պատասխանատուութիւնը:

Քաղաքական աշխարհը դեռ չէր մարսած պատահածը, երբ օր մը ետք` 24 հոկտեմբեր 1975-ին, այս անգամ` Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի բանուկ մէկ փողոցին վրայ, Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը` Իսմայիլ Էրեզ, պաշտօնական ընդունելութենէ մը իր պետական ինքնաշարժով դեսպանատուն վերադարձի պահուն, յանկարծ ինկաւ անծանօթ զինեալներու լարած ահաբեկչական թակարդին մէջ: Թէ՛ թուրք դեսպանը եւ թէ՛ իր վարորդը տեղւոյն վրայ սպաննուեցան փամփուշտներու տարափին տակ, իսկ ահաբեկիչները ինչպէս յայտնուած էին, այնպէս ալ կայծակնային արագութեամբ անյայտացան…

Թէեւ երկրորդ այս ահաբեկչութեան պարագային եւս միջազգային լրատուամիջոցները ի վիճակ չեղան ճշգրտելու ահաբեկիչներուն ինքնութիւնը կամ յայտնագործելու անոնց հետքերը, այսուհանդերձ` Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ անունով մինչ այդ անյայտ եւ ընդյատակեայ կազմակերպութիւն մը, որուն անունով ստանձնում եղած էր նաեւ առաջին` Վիեննայի ահաբեկչութեան առիթով եւս, պաշտօնական եւ ծաւալուն յայտարարութիւն մը հրապարակեց միջազգային լրատուամիջոցներով եւ ստանձնեց զոյգ ահաբեկչութեանց պատասխանատուութիւնը:

Ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով հրապարակուած այդ յայտարարութիւնը օրին, հայերէնի թարգմանուած, լոյս ընծայուեցաւ նաեւ սփիւռքահայ մամուլի դաշնակ-ցական թերթերուն կողմէ:

«Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ» անունը անմիջապէս լայն ու հոգեհարազատ արձագանգ գտաւ 1970-ականներու վերջերուն պահանջատէր հայութեան, յատկապէս հայ երիտասարդութեան աշխարհասփիւռ զանգուածներուն մէջ:

Աշխարհով մէկ լոյս տեսած «Մարտիկներ»-ու յայտարարութիւնը միջազգային հանրային կարծիքին, ցեղասպան թրքական պետութեան եւ աշխարհի մեծ, միջակ թէ փոքր պետութիւններուն կ՛ազդարարէր. «Մենք հայ ժողովուրդի զաւակներն ենք: Կը գործենք յանուն արդարութեան: Թուրքիոյ քաղաքական ներկայացուցիչներուն դէմ ուղղուած մեր քայլը աշխարհի բոլոր մեծ ու փոքր պետութիւններուն պիտի յիշեցնէ, որ հայոց մոռցուած Ցեղասպանութիւնը տակաւին անպատիժ կը մնայ»:

Արդարութեան մարտիկներու կազմակերպութիւնը իր յայտարարութեամբ կը պահանջէր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը եւ Հայկական հարցին արդարացի լուծումը: Յայտարարութիւնը դիտել կու տար, որ Հայ դատի արդարացի լուծման համար խաղաղ միջոցներով մղուած պայքարը ինքզինք սպառած է, եւ թէ ստեղծուած իրավիճակէն մեկնելով, լռութեան անարդար պատը ճեղքելու ճամբուն վրայ, «Մեր արդար Դատի հետապնդման միակ միջոցը զինեալ պայքարն է»:

Ահա այսպէ՛ս շղթայազերծուեցաւ հոկտեմբերի այս օրերուն, 43 տարի առաջ, Հայ դատի ուժական պայքարին նորօրեայ` ահաբեկչական զարթօնքը:

Թէեւ աննախընթաց չէր թրքական պետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը, թէեւ 1973-ին Գուրգէն Եանիքեանը իրագործած էր ահաբեկչական քայլ մը Մ. Նահանգներու մէջ` սպաննելով թուրք հիւպատոս մը, նաեւ` Լիբանանի մէջ թուրք դիւանագէտ մը անյայտ պայմաններու մէջ ահաբեկուած էր, այսուհանդերձ, Վիեննայի եւ Փարիզի ահաբեկումները կանխած քայլերը կա՛մ վրէժխնդրական բնոյթ ունէին, կա՛մ քաղաքական հնչեղութիւն չունէին այնպէս, ինչպէս որ պատահեցաւ Հայկական ցեղասպանութեան Արդարութեան մարտիկներու միջազգային քաղաքականութեան հրապարակ մուտքով:

1975 թուականի հոկտեմբեր 22-ի եւ 24-ի Վիեննայի եւ Փարիզի թուրք դեսպաններուն ահաբեկումով թափ առած Հայ դատի ուժական պայքարին շղթայազերծումը իր անմիջական պտուղները տուաւ Հայկական հարցը միջազգային քաղաքականութեան հրատապ հարցերու օրակարգին վրայ բերելու ճակատի վրայ:

Մէկ կողմէ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական խորհրդարանի գլխաւորութեամբ միջազգային կազմակերպութիւններ ու ատեաններ սկսան ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ քաղաքական լուծում որոնել Հայկական հարցին, իսկ միւս կողմէ` նոյնինքն թուրք հասարակութեան մէջ սկսան աւելի բարձրաձայն հնչելու Հայասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը կատարելու կոչեր:

Հայ դատի ուժական պայքարին յաղթարշաւը նաեւ ու մանաւա՛նդ ներշնչման աղբիւր դարձաւ հայրենի հայ երիտասարդութեան, յատկապէս` Արցախի պահանջատէր հայութեան, որպէսզի ինքնավստահ եւ վճռական` իրաւատէ՛ր կանգնինք Արցախի ազատագրման դատին:

1975 թուականի հոկտեմբեր 22-ի եւ 24-ի Վիեննայի եւ Փարիզի թուրք դեսպաններու ահաբեկման եւ ընդհանրապէս Հայ դատի ուժական պայքարին 43-ամեակը կը նշենք հիմնովին նոր պայմաններու մէջ: Հայաստանի վերանկախացումով եւ Արցախի իրողական ազատագրումով Հայ դատի պայքարը թեւակոխած է նոր փուլ, որ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջին կողքին` շեշտը դրած է ամբողջական հատուցման հրամայականին վրայ:

Միաժամանակ Հայ դատի ուժական պայքարին ահաբեկչական շղթայազերծման 43-ամեակը յատուկ հնչեղութեամբ կ՛արձագանգէ այսօր, որովհետեւ թրքական պետութեան կողմէ շարունակուող Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումի եւ ժխտումի վարքագիծը վայելելով անուղղակի թէ ուղղակի օրհնութիւնը մեծապետական ուժերու` նորովի յուսահատութեան եւ ծայրայեղ ցասումի կը մղէ արդար իրաւունք պահանջող եւ միջազգային անտարբերութեան բախող մարտունակ հայորդիները:

Ինչպէս հոկտեմբեր 1975-ին, նոյնպէս եւ աւելիով մեր օրերուն, երբ թրքական ծաւալապաշտութիւնը վերստին մոլեգնած է ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին եւ լծուած է ազրպէյճանական հակահայ մոլուցքը հովանաւորելու համաթրքական ռազմավարութեան, հայ քաղաքական միտքը ամէն հիմք ունի ազդարարելու եւ զգաստացման կոչ ուղղելու աշխարհի ճակատագրին հետ ըստ կամս վարուող ուժերուն, որ ծայրայեղ յուսալքութեան ու անզօրութեան պէտք չէ մղել իրաւազրկեալները` արդար դատի տէր ժողովուրդները, մանաւանդ երբ փոքր է անոնց ածուն եւ տկար է իրաւունքն ու արդարութիւնը սուրով խլելու անոնց ուժը:

Որովհետեւ սուրով խլուած իրաւունքը ի վերջոյ միայն արեամբ կրնայ սրբագրուիլ…

Յանուն` նոյնինքն համերաշխ, խաղաղասէր եւ արդար իրաւունքի վրայ խարսխուած նոր աշխարհակարգի մը կերտումին:

Երեք Տասնամեակ Բանակցութիւն…Եւ Յետոյ Ի՞նչ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Արցախի հարցով բանակցութիւնները կը նմանին տնավարի խօսակցութիւններու: Լրատուամիջոցներուն նիւթ կը մատակարարեն: Նոյն բառերը, նոյն խօսքերը: Հարցի էականութիւնը չմիջազգայնացուեցաւ: Պատմութեան գնացքին մէջ ճամբու կէսին մտած են Մինսքի խումբի նախագահները եւ կը կարծեն, որ իրենցմով կը սկսի պատմութիւնը: Այդպէս է նաեւ Ազրպէյճանի տրամաբանութիւնը:

Քաղաքականութիւն եւ բանակցութիւն` կը նմանին դատարկ ջաղացքի չախչախին, ո՛չ ցորեն կրնան աղալ, ո՛չ ալ ալիւր արտադրել, եթէ տեւաբար չվերադառնան պատմութեան, ճշմարտութեան եւ իրաւունքին: Արցախի հակամարտութիւնը արհեստական է, որ կը հետամտի բռնութեամբ խոստովանուած-չխոստովանուած շահակցութիւններ բաւարարելու, կրկին ժողովուրդ մը իրաւազրկելու` ժխտելով պատմութիւնը:

Պատմութիւնը առասպել չէ: Քաղաքականութեան իրաւութեան ենթահողն է:

Այսօր ազերի կոչուած մարդոց նախնիները ե՞րբ հասած են աշխարհի այս շրջանը, որ հայերով բնակուած էր, տէր ունեցող աշխարհ, ուր անոնք ստեղծած էին մշակոյթ, շինած էին եկեղեցիներ, վանքեր, կամուրջներ, դպրոցներ:

Եկուորները ներխուժողներ էին, օտար էին:

Պատմութեան եւ քաղաքականութեան զարտուղութիւնները ուզած էին եւ կ’ուզեն իրաւունք դարձնել: Արցախի, այսպէս կոչուած, հակամարտութիւնը լուծել փորձելէ առաջ պատմութիւն հասկնալու ճիգ պէտք է ընեն:

Առաջարկուեցա՞ւ, փորձ եղա՞ւ քննչական-հետախուզական մասնագիտական արշաւ մը կազմակերպել պատմութեան եւ Արցախ աշխարհի մէջ. ո՞ր ժողովուրդը բնակած է հոն, ի՞նչ կ’ըսեն պատմութեան արձանագրութիւնները, ի՞նչ կ’ըսեն քարեղէն վկայութիւնները: Ճշդուա՞ծ է, թէ ո՛վ եղած է այդ աշխարհի բնիկը, եւ ո՛վ եղած է ներխուժողը, եկուորը, որ իրաւազրկած է բնիկը եւ այսօր կ’ուզէ այդ իրաւազրկումին հագցնել օրինականութեան շապիկ:

Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի շէնքին մէջ հանդիպիլ Մինսքի խումբի համանախագահներուն` ապահովաբար մէկ քայլ առաջ չի կրնար տանիլ բանակցութիւնները, անոր համար, որ բանակցութիւններու առարկան որոշ չէ, աւելի ճիշդ` կեղծիք է: Պատմութիւնը չի կրկնուիր, բայց իրադարձութեանց միջեւ կ’ըլլան հանգունակութիւններ: Ազրպէյճանը իր պաշտպանին` Թուրքիոյ օրինակին կը հետեւի, անոր որ գրաւած է ուրիշ քաղաքակրթութեան մը եւ ուրիշ ժողովուրդներու հայրենիքները: Այսօր, պատմութեան դիմաց կանգնելով, քաղաքակիրթ աշխարհը ի՞նչ կրնայ ըսել թրքացուած Սուրբ Սոֆիա քրիստոնէական տաճարի մասին, զոր գրաւող սուլթանը վերածեց մզկիթի, ապա ան դաձաւ թանգարան, հիմա կրկին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ առաջարկներ կը լսուին այդ քրիստոնէական տաճարը մզկիթի վերածելու: Եւ քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհը հանդիսատես է:

Կատարուած իրողութիւնը ո՛չ ճշմարտութիւն է եւ ո՛չ ալ իրաւունք:

Քանի որ «երէց եղբայր» Թուրքիան յաջողած է բռնագրաւել եւ իւրացնել, ինչո՞ւ նոյնը պիտի չընէ Ազրպէյճանը: Մի՞թէ օրին թափանցիկ չէր Թուրքիոյ ցանկութիւնը` մաս կազմելու հաշտարար Մինսքի խումբի համանախագահներուն, յափշտակողի եւ իւրացնողի քաղաքականութիւնը կրկնելու համար:

Թուրք-ազերիները գիտեն, թէ ի՛նչ կ’ուզեն: Պատմական փորձով գիտեն, որ միջազգային համայնքը չանհանգստանալու համար կը նահանջէ, նահանջ, որուն անունը պատմութեան մէջ «Միւնիխ երթալ» է, երբ Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակին դաշնակիցները տեղի տուին եւ հանդուրժեցին հիթլերական բռնագրաւումները` առանց կարենալ փրկելու խաղաղութիւնը: Ի՞նչ է հաշուեկշիռը Մինսքի խումբի համանախագահներու երեք տասնամեակներու «մագոգ»-ի քաղաքականութեան, երթեւեկին: Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի քաղաքական-դիւանագիտական «տուրիզմ»-ը:

Հարկ է նաեւ խօսիլ մեր «մսկոտութեան» մասին:

Ինչո՞ւ չյաջողեցանք եւ չենք ուզեր միջազգայնացնել Սումկայիթի նախճիրը, որ բնիկ ժողովուրդի մը դէմ գործուած ցեղասպանութիւն էր: Ո՞վ կրնայ արգիլել, որ այդ նախճիրը ներկայացուի միջազգային արդարադատութեան ատեանի մը: Ինչո՞ւ Ազրպէյճանի ղեկավարները եւ Մինսքի խումբի համանախահները կը խօսին թուրք-ազերի գաղթականներու մասին, եւ լուռ կը մնան Պաքուի երեք հարիւր հազար հայ գաղթականներու մասին, մարդիկ, որոնց ինչքը կողոպտուած եւ բռնագրաւուած է իշխանութիւններու մեղսակցութեամբ:

Համանախագահներ եւ հակամարտութեան մասին խօսող երկիրներ վստահաբար գիտեն, որ բանակցութիւնները ամլութեան կը դատապարտեն, դատապարտած են` մոռնալով պատմութիւն, ճշմարտութիւն եւ իրաւունք: Հայաստան, Արցախ եւ հեռուէն մօտէն հարցը արծարծող սփիւռքը քաղաքական կոչուած «թարանթելլա»-ին պէտք է վերջ տան եւ հրապարակ գան միջազգային իրաւունքի եւ ամէնուրեք ջատագովուող բարոյականութեան խօսքով:

«Իրաւարար»-ները անկեղծիք կերպով ըսի՞ն, որ Արցախը հայու հող եւ հայրենիք չէ:

Մեր քաղաքագէտները եւ «բարեկամ»-ները հարցը ինչո՞ւ այս յստակութեամբ եւ պարզութեամբ չեն ներկայացներ:

Ինչ որ կը կոչեն «Արցախի հակամարտութիւն», եթէ այլազան հաշիւներով ձգձգուող բաց վէրք չէ, բժիշկները կը խօսին abces de fixationի մասին, լուծման համար այլընտրանք չունի. պատմական ճշմարտութիւնը եւ մշակութային անժխտելի ներկայութիւնը պիտի ըլլան դատաւոր, ո՛չ կազի եւ նաւթի խողովակները:

Բայց այս նախ մենք պէտք է ըսենք` առանց ներգրաւուելու այլապէս շահախնդրուածներու խաղին մէջ, որոնք դեռ երեսուն տարի ալ պիտի շարունակեն իրենց մէկ մեխին մէկ պայտին խփելու խաղը եւ քաղաքական «տուրիզմ»-ը:

Եւ Ազրպէյճանի «մեծ եղբայր Թուրքիան» պիտի շարունակէ իր ժողովուրդներ իրաւազրկող ծաւալապաշտի խաղը` մրցակցութիւններու անձնատուր միջազգային կամաւոր կուրութեան դիմաց:

Մեր «բարեկամ»-ներէն պիտի կարենա՞նք պահանջել, որ վերջ տան իրենց ճապկումներու խաղին: Նաեւ նախ մենք դադրինք այդ խաղին մէջ մնալէ:

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները կրկին իրարու պիտի հանդիպին: Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ի՛նչ պիտի ըսեն իրարու, որ մինչեւ այսօր իրարու ըսած չըլլան:

27 սեպտեմբեր 2018, Երեւան


Ընկեր Հրայր Մարուխեանի Կտակին Այժմէական Թելադրականութիւնը (Մահուան 20-րդ Տարելիցին Հետքերով)

$
0
0

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Ձեռնարկի մը աշխատանքներու յորձանուտին մէջ ալ աւելի ամրագրուեցան համոզումներս տարաբախտ մեր ընկերոջ` Հրայր Մարուխեանի անմնացորդ ծառայութեան կարեւորութեան ու ազգային-կուսակցական կեանքին մէջ իր ունեցած առանցքային դերակատարութեան մասին: Ձեռնարկի յայտագիրին ընդմէջէն սոսկ մահուան 20-րդ տարելից յիշատակելու հարց չունեցանք մեր մտքին մէջ, յաւուր պատշաճի պարտք տալու համար չներկայացանք: Փնտռտուքը` կորսուած ինքնութեան մը ու զայն վայելած չըլլալու ափսոսանքը մեզ մղեցին ոչ շատ հեռու պատմութեան էջերուն մէջ որոնել մեր դիմակայած այժմու մարտահրաւէրներուն պատասխանը: Այլ հայորդիներու յիշատակարանը թերթատելով, հոն անթեղուած դէպքերու ու դրուագներու արտահանումով եւ անոնց պատշաճ  ներկայացումով` ազգային, կուսակցական, կազմակերպական պատուանդանը աւելի հզօրացնելու ու տոկուն դարձնելու ազնիւ դիտաւորութիւնը մեր սեւեռակէտը դարձուցինք: Վերջապէս, փորձեցինք մեր շրջապատը ներշնչել եւ կրկին լիցքաւորել մօտիկ անցեալին ճառագայթող մեծ հայու դաշնակցական խոյանքով:

Ապա ներկայացումներուն ընդմէջէն ընդգծուած ձեւով տեսանք, թէ ինչպէ՛ս դաշնակցական հաւաքական ղեկավարութեան գործելաոճը կը նուիրագործուի` հեռու պահելով ղեկավարման ձեւաչափը` եսակեդրոնէն: Թէ ինչպէ՛ս պատասխանատու ընկեր մը, մեկնած այդ հասկացողութենէն, կ՛առաջնորդէ զանգուածները ու կը բոցավառէ խամրած հոգիները: Այսպէս, հաւաքական  ղեկավարման եղանակին մէջ, չափով մը, ղեկավարի սեփական դրոշմը կը հունաւորէ որոշումի գործնականացումը: Խօսքին, արտայայտութեան ձեւին ու որոշումի գործնականացման ու աշխատանքի դասաւորումներուն կու տայ հատու երանգ: Անկասկած որոշումի հասնիլը պէտք է համարուի համայնական քննութեան իրաւունք, զոր կը պատկանի համապատասխան մարմինին կամ ժողովին: Որոշումը գործադրելու ու զայն հանրային ընդունելի հանգամանքի վերածելու հրամայականը ազդեցիկ հնչեղութիւն ունենալու, աւելի հաղորդական ու անմիջական ըլլալու համար կ՛երանգաւորուի ղեկավարին դրոշմով, սեփական ճաշակով ու ինքնատիպ  վարքով եւ կը թափանցէ տուեալ շրջապատին կամ ընկերութեան մէջ այնպիսի ձեւով մը, որ  իւրացուի մեծամասնութեան կողմէ ու բոլորին համար համոզում դառնայ: Այս բոլորը կը հրամցուին ըստ պահու թելադրականութեան, երբեմն խստաբարոյ, երբեմն մեղմ եղանակով` յագուրդ տալով հանրային սպասումներուն: Նմանատիպ ղեկավարման արուեստին քաջածանօթ էր ընկ. Մարուխեանը ու իր բարձրորակ իմացականութեամբ զայն դարձուցած էր իր ուղենիշը:

Նենգ դասաւորումներով, երբ իր դաշնակցական «ես»-ը խոցուեցաւ, երբ փորձուեցաւ իրմէ խլել ծոցին մէջ ծնած, մատղաշ ու այնքա՜ն խնամքով փայփայած դեռատի պետականութեան կազմաւորման պերճանքը վայելելու պատեհութիւնը` «մեծ երազի» փաստարկը, բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրեց Հայաստանի պետականութեան վարկն ու հայրենիքին շահերը գերակշիռ համարելու հրամայականին վրայ: Այդ օրերուն, հակառակ ընկերական շարքերու մեծամասնութեան այն տեսակէտներուն, որոնք կ՛առաջադրէին հակազդող կարծր կեցուածք, «մարուխեանական» խոհականութիւնը վարակիչ հանգանակ դարձած` յաղթանակեց: Այսպիսով, նախագահական խնդրայարոյց հրամանագիրը, որ կը փորձէր ջրբաժան ստեղծել դաշնակցական ընտանիքին մէջ, վիժեցաւ` յանձինս դաշնակցական ընտանիքի արթնամտութեան եւ ընկեր Հրայրի ողջմտութեան: Վերջապէս, հայրենիքին խնայուեցաւ բարդ իրավիճակներ ապրելու ոչ նախանձելի կացութեան յառաջացումը, որ կրնար վտանգել մատղաշ Հայաստանի կայունութիւնը` խոցելի դարձնելով անոր ազգային անվտանգութիւնը:

Միայն տիտանները կրնան նման հոգեվիճակներու յառաջացուցած ճնշուածութեամբ չկաղապարել իրենց որոշումները եւ սոսկ հակազդողի դիրքերէ չառաջնորդել հասարակութիւնը: Ընկեր Մարուխեանը կացութիւնները արագ ընկալելու եւ կուռ տրամաբանութեամբ արժեւորումներ  կատարելու ունակութեամբ զրահապատուած` դաշնակցական ղեկավարի իւրայատուկ վայելչութեամբ կ՛արձագանգէր տուեալ հարցին ու համապատասխան լուսաւոր ելքեր կ՛ուրուագծէր անել իրավիճակներէն ու փակուղիներէն դուրս գալու համար` միշտ դաշնակցական կողմնացոյցը աչքին առջեւ ունենալով:

Ան օրինակելի առաջատարը հանդիսացաւ` հայկական քաղաքական բոլոր ուժերուն ճիգերն ու նախաձեռնութիւնները համայնական մէկտեղումի մը հասցնելու, միշտ առաջադրեց լաւագոյնին վստահիլ հանրային գործն ու պաշտօնը` առանց հատուածական մօտեցումի, նոյնի՛սկ վեհանձնութիւնը ունենալով ձեռք երկարելու անոնց, որոնք ամէն առիթ կ՛օգտագործէին երկարած այդ ձեռքը անճիտելու ու միասնութեան տեսլականը վիժեցնելու:

Իր վարչական, մտաւորական ու քաղաքական գործիչի բարեմասնութիւնները կենսատու պահելով` զանոնք շաղախած էր դաշնակցականի յեղափոխական աւանդներով եւ մարտունակութեամբ, որոնք կը դրսեւորուէին իր գաղափարական խստաբարոյ անզիջողականութեամբ: Գալով քաղաքական արեւելումին` անիկա Մարուխեանի մօտ միշտ պայմանաւորուած ու զուգորդուած էր դաշնակցական աւանդոյթով` խարսխուած դաշնակցական պատմական փորձէն ժառանգուած անսպառ սկզբունքներու վրայ:

Ղեկավարի սահմանումը կը տարուբերի: Դաշնակցութեան պարագային, ղեկավարին մէջ առաւելաբար խտացուած պէտք է տեսնել անմնացորդ նուիրում, անանձնական վարքագիծ` օծանուած գաղափարական յանդուգնութեամբ ու հաւատարմութեամբ: Այսպէս, ընկեր Հրայրի քաղաքական-ռազմավարական խոհեմութիւնը,  կազմակերպական հզօր անհատականութիւնը, ընկեր Զէյթլեանի` գաղափարի մարտիկի անհատնում շունչը, ընկեր Տասնապետեանի պեղող ու հետազօտող անաչառ գրիչը բոցավառեցին մատղաշ սերունդներուն հոգիները, ու շատե՜ր այդ եռեակը համարեցին վաղ անցեալի նուիրեալներու վերապրող շառաւիղները, անհուն բանակի հսկաներուն` Քրիստափորին, Զաւարեանին, Նաւասարդեանին, Ջամալեանին ու Վարանդեանին նման մեծութիւններ: Այսպէս, ընկ. Հրայրն ու իրեն միացած գործընկեր ու ղեկավար շրջանակը շատերու համար ուղղորդող կարեւորութիւն ունեցաւ: Անոնք` դաշնակցական իրենց  օրինակով երիտասարդ կուսակցականներու դաշնակցականի կազմաւորման գործընթացը կռանելով` յաջողեցան դաշնակցական աւանդութիւններու ժառանգութիւնը ամրագրել երիտասարդ  ուխտեալներու հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ:

Ընկեր Մարուխեան ուրիշը ընդունելու ու հանդուրժելու հանդարտաբարոյ նկարագիրով օժտուած էր: Ան կ՛ունկնդրէր ու կը զրուցէր մեծին ու փոքրին, նորեկին ու աւագին, հանրայայտին ու ռամիկին հետ, ջանալով քաղել դրականը իր զրուցակիցէն, ջանալով իր սեփական փորձին ընդմէջէն դաշնակցական երանգը վառ պահել: Միւս կողմէ, յարգելով այլախոհ մտաւոր  թռիչքները, երբեմն նոյնիսկ արտառոց, ոչ համընկնող մտածողութիւնները, անոնց արտայատուելու առիթ կու տար դաշնակցական մամուլին մէջ` թելադրելով համապատասխան ուղղորդող խմբագրականներով կամ պատասխան յօդուածներով ճշդել «Դաշնակցական ուղին»: Այս ամէնը ի գործ դնելով հանդերձ, կը ծառանար, երբ վտանգուած կ՛ըլլար կազմակերպական կուռ պատուանդանը: Ան շեշտակի նախանձախնդրութեամբ պահապան էր դաշնակցական աւանդութեանց, եւ  հանդուրժողականութիւնը պայմանաւորուած էր կուսակցական կարգապահութեամբ: Կը հաւատար, որ դաշնակցական ժողովի ներքոյ` ինքնաքննադատութիւնը եւ ինքնախարազանումը` ինքնաճանաչութեան բանալի ազդակ է եւ ինքնամաքրման ու տեսակէտներու բիւրեղացման կ՛առաջնորդէ` մինչ վերջնական որոշումի յանգումը:

Սփիւռքեան սերունդներու դաստիարակութիւնն ու կազմաւորումը`առաւելաբար խարսխուած էր ազգապահպանման, սգատօներու ոգեկոչման, գաղթօճախներու կարիքները հոգալու խնդիրներուն վրայ: Աւելի ուշ պահանջատիրութեան ու Հայ դատի աշխատանքներուն շուրջ  կը բոլորուէին սերունդներու ազգային կիզակէտերը: Հասաւ հանգրուան մը, երբ Դաշնակցական ընտանիքին համար  անխուսափելի հրամայական էր նոր աւիշ սերմանել ու ականջալուր ըլլալ արդի ժամանակներու բազկերակին: Դաշնակցական ժողովներով նուիրականացուեցաւ այդ բարենորոգչական անկիւնդարձը: Անոնց գործադրութեան յանձնարարականները վստահուեցան ընկեր Մարուխեանի դաշնակցականի տեսլականին ու իր գործընկերներու աներկբայ դերակատարութեան: Ընկեր Հրայր եւ իր ընկերները եղան այն հեղինակութիւնները, որոնք դարձան  ջերմեռանդ  ջատագովները սերնդափոխութեան եւ գաղափարական վերանորոգման շարժումին առաջամարտիկները` շուռ տալով ընկալեալ ճահճացած սովորամոլութիւնը, թանձրացած աշխատանքային միապաղաղութիւնը, նոր մտածողութեամբ համակելով դաշնակցական շարքերը, կազմակերպական վերանորոգ շունչով կենդանութեան կենարար  նոր աւիշ տալով ամլացած պահպանողական մտայնութիւններուն: Չխուսափելով հրապարակային սուր բանավէճերէ` «Դաշնակցական բեմ»-ին ընդմէջէն մամլոյ դիւանի նորաստեղծ կառոյցով, ականջալուր ըլլալու նորանոր մտքերու ու իրենց Դաշնակցական փորձովը զանոնք ուղղորդեց յօգուտ գաղափարներու բիւրեղացման ու դաշնակցական որոշումի ամրագրման:

Հնամենի օրինաչափութիւններու կարգը փոխուեցաւ, ու այդ հոյլ մը նուիրեալները յաջողեցան առաւել ե՛ւս զարթնեցնել պետական մտածողութեան վարժութիւնը ունենալու կարեւորութիւնը, թէկուզ` առանց ազատ, անկախ հայկական պետականութեան իրաւական ներկայութեան: Երբ ազատ ու անկախ հայրենիքի գաղափարը կրկին միս ու ոսկոր ստացաւ, տակաւ առ տակաւ վերընձուղուեցաւ դաշնակցական  քաղաքական մտածողութեան մէջ պետական համակարգի մէջ գործելու ունակութիւնը: Այլեւս հարկաւոր էր բոլոր ազգային գերխնդիրները բացատրել, դիտել եւ հասկնալ ազատ, անկախ ու ինքնիշխան հայրենիքի ու պետականութեան տարազին ներքոյ: Կրկին Դաշնակցական ընտանիքին մէջ կեանք առաւ անթեղուած գործօնը` ինքնիշխան պետական քաղաքական մտածողութեամբ գործելու հրամայականը: Դաշնակցական քաղաքական միտքը կրկին ուրուագծեց ու զուգորդեց այս հանգամանքը` դաշնակցական դաստիարակութեան այբուբենին,  հաշուի առնելով անոր բոլոր նախադրեալները, ի մասնաւորի` ազգային անվտանգութեան ու սեփական հայրենիքի հողային տարածք  պահպանելու գերխնդիրները: Դաշնակցականի քաղաքական տեսադաշտը սոսկ նեղ տարածքի սահմաներէն դուրս գալով ` պիտի ընդարձակուէր ու պարփակէր ամբողջական ազգ ու ամբողջական անկախ հայրենիքը յաւերժական արժեհամակարգի պահպանումը` հաշուի առնելով տարածաշրջանային ռազմա-քաղաքական զարգացումներու հոլովոյթը:

Ընկեր Մարուխեանին ներդրումը այդ իմաստով անուրանալի է: Իր անմնացորդ կտակը` պէտք է պահպանելու իր տեսակը պէտք է ըլլայ վարակիչ:

Ընկ Էդիկ Յովհաննիսեան իրաւացի էր, երբ ընկեր Մարուխեանին մասին  դամբանական խօսքը կ՛աւարտէր` ըսելով. «Ինչ կ՛ասէր ընկեր Հրայրը այսօրուան խնդիրների մասին»:

Ազգովին` ականջալուր պիտի ըլլանք այդ անժամանցելի թելադրականութեան:

Թորոնթօ

 

Ակնարկ. Համագաղութային Գործունէութիւն. Նոր Կշռոյթներու Անհրաժեշտութիւնը

$
0
0

Լիբանանահայ համայնքը, աշնան եղանակին առընթեր, գործունէութեան աշխուժ վերամուտի նախադրեալներ կը պարզէ: Անցնող շաբաթավերջը յատկանշուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ձեռնադրութեան 50-ամեակի նշումով: Լիբանանի պետութեան երեք գլխաւոր դէմքերու ներկայացուցիչներու, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատարին, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու, հայ եւ լիբանանեան այլ համայնքներու հոգեւոր եւ քաղաքական մարմիններու պատասխանատուներուն մասնակցութիւնը յատուկ տարողութիւն, համընդգրկում եւ այդ բոլորով իսկ` կարեւոր հնչեղութիւն ապահովեցին նշումին:

Համագաղութային եւ առողջապահական իրերօգնութեան սնտուկներու լիբանանեան առումով համընդհանուր ընդգրկուածութեան իրագործումով ԱՖՀԻԼ-ը նշեց իր հիմնադրութեան քսանամեակը:

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակի առիթով հանրութեան ներկայացուեցան պետականակերտ սերունդի ամէնէն լուսաւոր դէմքին` Արամ Մանուկեանի հատորները:

Մշակութային գետնի վրայ շուտով լիբանանահայ համայնքը կը հիւրընկալէ Գիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը` իրերայաջորդ թատերական երեք տարբեր գործերու ներկայացումները դիտելու:

Լիբանանահայ մամուլի գրաւուած օրուան սիւնակները հետզհետէ յագեցած տեսք կը ստանան` նախանշելով, որ մինչեւ տարեվերջ ազգային, հոգեւոր, մշակութային մամլոյ լսարաններու, քննարկումներու, ձեռնարկներու շարք մը, արդէն ծրագրուած, իրարու ետեւէ իրագործման կը դրուին:

Հաւանաբար մտովին պատկերացնենք, որ լիբանանահայ համայնքին համար օրինաչափ երեւոյթ է ձեռնարկներու առատութիւնը: Այս աւանդութիւնը եւ աշնանամուտին հետ ձեռնարկներու տեղատարափը անպայմանօրէն կը մեկնաբանուի լիբանանահայութեան կենսունակութեամբ:

Ձեռնարկներու գերյագեցած ժամանակացոյցները յաճախ տեղի կու տան առաջարկներու` ուղղուած մամուլին` միացեալ ժամանակացոյցի մը ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը շեշտող, որուն նպատակը հաւանական խաչաձեւումներ կանխարգիլելն է:

Խնդիրը, սակայն, հետզհետէ իբրեւ մտածողութիւն ինքզինք զգալի կը դարձնէ` ոչ միայն ձեռնարկներու թուականներու համակարգումը կատարելու անհրաժեշտութիւնը փոխանցելու, այլ` անոնց ընդհանուր ուղղուածութիւնը, աւելի ճիշդ` նպատակաուղղուածութիւնը միասին ճշդելու ու նաեւ շատ մը նախաձեռնութիւններ համագաղութային համակարգումով մեկնարկելու:

Առ այս պահը, ապրիլեան ոգեկոչումներէն զատ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամն է, որ իբրեւ բրգաձեւ կառոյց` լիբանանեան բաժինը ունի համագաղութային ներկայացուածութիւն` յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական առումներով:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը  ցնցումային փուլէ ետք, այսօր արդէն վերակազմակերպման ծրագիրներ եւ նորարար մօտեցումներ կը նախանշէ: Տարուան հանգանակութեանց մեկնարկը կայացած է արդէն: Մինչ կ՛որդեգրուին նորարար, յաւելեալ թափանցիկութիւն եւ հաշուետուութիւն ներառած դրութեանց օգտագործումով գործելաոճ վաստակելու համար վստահութիւն, բայց մանաւանդ համոզում` գործին եւ առաջադրանքներուն կատարման եւ արդիւնաւորման հանդէպ:

Պետականաշինութեան եւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու հզօրացման նպաստող գործադաշտային այս հարթակը դրամական միջոցներու ապահովելիք հանրագումարներէն բացի` համախմբուած աշխատելու եւ նոր կառոյցներու նախադէպ դառնալու գաղափարախօսական հիմունքներ ունի:

Շաբաթներ ետք «Հայաստան» հիմնադրամը հայ հասարակութեան պիտի ներկայանայ նոր ծրագիրներով, նոր աշխատելաոճով: Լիբանանահայութիւնը, այս պարագային, իբրեւ համագաղութային ներկայացուածութիւն ապահոված կառոյց, «Հայաստան» հիմնադրամի ժամացոյցի նոր սլաքներուն հետ գործունէութեան կշռոյթները համընթաց լարելու առաջադրանք ունի: Անմիջականօրէն:

«Ա.»

«Ու Ես Կ՛երթամ Դէպի Աղբիւրը Լոյսին»

$
0
0

ԴԱՒԻԹ ՄԿՐ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

2000 թուականի սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգների Նիւ Ճըրզի նահանգի Փարամուս քաղաքի իր գրասենեակում վաղաժամ` 55 տարեկան հասակում մահկանացուն կնքեց վերապատուելի, դոկտոր Մովսէս ՃԱՆՊԱԶԵԱՆԸ, որը, ինչպէս Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ վեր. Ռընէ Լեւոնեանն է նշել իր հեղինակած դամբանականում, «Մեծ ցնցում եղաւ ամբողջ ժողովրդի համար: Ոչ միայն Հայաստանի Հայց. եւ Աւետարանական եկեղեցիների անդամները, հոգեւոր գործիչներն էին սիրում վեր. Մովսէս Ճանպազեանին, այլ նաեւ ողջ Հայաստանի ժողովուրդը… մեծ սէր եւ յարգանք էր տածում նրա հանդէպ»:

Վեր. դոկտոր Մովսէս Ճանպազեանը ծնուել է Լիբանանում, Այնճարում: Նրանց բազմանդամ ընտանիքը սերում է Մուսա Լերան արմատներից: Նա հոգեւոր հարազատութիւն է տեսնում Հայ աւետարանական դաւանանքի սկզբունքներում եւ հիմունքներում, նուիրւում մի եկեղեցու, որը, որպէս հոգեւոր, կրօնական ուղղուածութեան շարքի անդամ, ձեւաւորուել է 1846 թուականին, Կոստանդնուպոլսում եւ տարածուել Արեւմտեան Հայաստանի, օսմանեան Թուրքիայի հայաշատ բնակավայրերում, մասնաւորապէս` Կիլիկիայում: Պէյրութի Հայկազեան համալսարանն աւարտելուց յետոյ ստացել է պսակաւոր արուեստի այնուհետեւ նոյն քաղաքի Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական դպրոցում` քրիստոնէական դաստիարակութեան մագիստրոսի աստիճան: Ծառայել է Լիբանանի հայ աւետարանական եկեղեցիներում` որպէս երիտասարդական խմբերի առաջնորդ, կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչ եւ պատասխանատու:

Վեր. Ճանպազեանը ծառայեց Պրազիլում եւ Ուրուկուէյում: Նրա արգասաբեր գործունէութիւնը Հարաւային Ամերիկայում ներառում էր նաեւ համաքաղաքային ամենշաբաթեայ ռատիոծրագրեր, ծառայութիւններ բանտերում, երիտասարդական եւ հայկական դպրոցներում եւ համայնքներում: 1980-ից վեր. Մ. Ճանպազեանը նշանակւում է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան դաշտի առաջին տնօրէն, 1987-ին` Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն եւ դառնում ընդհանուր ղեկավարման պատասխանատու: Նրա արդիւնաւէտ պաշտօնավարմամբ 2000 թուականին ընկերակցութիւնը տարեկան իրականացնում է աւելի քան հարիւր տարբեր ծրագիր` օժանդակելով աշխարհի հազարաւոր առաւել անապահով հայերի: 1989-ի ապրիլին վեր. Ճանպազեանը գլխաւորում է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան պատուիրակութեան այցը Հայաստան` նպատակ հետապնդելով հիմնել այնպիսի ծրագրեր, որոնց միջոցով ընկերակցութիւնն իր մասնակցութիւնը կ՛ունենար աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքների վերացման եւ աղէտի գօտու վերակառուցման աշխատանքներին: Այս պատմական այցը եւ քրիստոնէական համերաշխութեան ոգին սկիզբն էին Հայաստանում իրականացուելիք մեծածաւալ աշխատանքների: 1994 թուականին Հայաստանում պաշտօնապէս արտօնուեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան երեւանեան գրասենեակի գործունէութիւնը: Ի յաւելումն վերականգնողական եւ վերակառուցողական նախագծի` ձեռնարկուեց Հայաստանի հոգեւոր պահանջների բաւարարման ծրագիր, որը ներառում էր Աստուածաշնչի արեւելահայերէն տպագրութիւն եւ առաքում, այդ թւում` Սուրբ Գրքի մանկական տարբերակներ, քրիստոնէական գրականութեան բաշխում, քրիստոնեայ ծառայողների ուսուցում եւ մանուկների քրիստոնէական կրթութիւն:

Այսօր երախտագիտական անխառն զգացումներով առլեցուն հաւաքուած ենք բոլորս վերապատուելի Մովսէս Ճանպազեանի անուան վարժարանի գաւիթին մէջ քողազերծելու հոգեւոր հովիւ վեր. Մովսէս Ճանպազեանի պրոնզեայ կիսանդրին:

Մեր ազգային ու եկեղեցական պատմութեան անցեալէն մեզի կտակուած հարուստ աւանդներու շարքին կայ փաղանգը հայ լուսամիտ եկեղեցականներուն, որոնց միջոցով է, որ մեր ազգային եւ կրօնաբարոյական ենթակառոյցը կը դառնայ շեշտակի, կը գօտեպնդուի ու կը շաղկապուի մերօրեայ կեանքին: Եւ վեր. դոկտ. Մովսէս Ճանպազեանը իր հոգեւոր ծառայական տարիներուն եղաւ մեր հոգեւոր եկեղեցական դասու արժանընտիր հոգեւորականներէն մին, որ մեր ազգային եւ քրիստոնէական ապրումները համադրեց` դարձնելով զանոնք արտայայտիչները մեր բնաշխարհի կրօնական, հոգեկան, իմացական արժէքներուն եւ իրաւամբ դարձաւ Քրիստոսի ընտիր աշակերտն ու բաբախող բազկերակը հայոց քրիստոնէական աւանդին:

Ի ճանաչումն Հայ եկեղեցում եւ համայնքի կեանքում նրա ունեցած ներդրումների` վեր. Մովսէս Ճանպազեանին շնորհուել է Հայկազեան համալսարանի պատուաւոր դոկտորի կոչում: 2000 թ. հոկտեմբերի 16-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Առաջինը, «որպէս գնահատանք Աստծոյ սուրբ եկեղեցւոյ, մեր ազգին ու հայրենիքին մատուցած անհուն զոհողութեան», Մովսէս Ճանպազեանին յետմահու շնորհեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանը:

Նրա ամէնօրեայ տքնաջան աշխատանքի, խստապահանջութեան եւ պահանջկոտութեան թիրախն ու նշանակէտը քաղաքակիրթ հասարակութեան ձեւաւորումն էր, իսկ դրան հասնելու ամենայուսալի եւ վստահելի ուղին` մատաղ սերնդի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը, արժանապատիւ եւ բանիմաց հասարակութեան ձեւաւորումը: Պատահական չէ, որ 2004 թուականին Երեւանի թիւ 79 միջնակարգ դպրոցն անուանակոչուեց վերապատուելի Մովսէս Ճանպազեանի անուամբ, իսկ 2018 թ. սեպտեմբերին, ընդամէնն օրեր առաջ, դպրոցի գաւիթ-ճեմասրահում, նրա մասին պատմող տեղեկատուական վահանակների հարեւանութեամբ բացուեց վերապատուելիի պրոնզաձոյլ կիսանդրին, որի հեղինակը նրա եղբայրն է` Թորոնթոյի հայ համայնքի ղեկավար, ճարտարապետ Յակոբ Ճանպազեանը:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Յակոբ Ճանպազեանը, որի կեանքին եւ գործունէութեանը առանձին կ՛անդրադառնանք առաջիկայում: Նշենք միայն, որ նա հեղինակել է քարակերտ ստեղծագործութիւնների մի ամբողջ հաւաքածու` յուշարձաններ, խաչքարեր, կիսանդրիներ, որոնք տեղադրուած են աշխարհի տարբեր երկրներում եւ քաղաքներում: Իսկ վերջերս, մայիսեան հերոսամարտերի յաղթանակի եւ հայոց պետականութեան վերականգնման 100-ամեակի առթիւ, նա Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր, հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանին նուիրեց Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի կիսանդրին, նաեւ Հայաստան տեղափոխեց Նիկոլ Աղբալեանի եւ Լեւոն Շանթի կիսանդրիները, որոնք առաջիկայում կը տեղադրուեն նախատեսուած վայրերում: Չդիմանալով նրա պերճաշուք եւ իմաստալի խօսքի գայթակղութեանը, ցանկանում եմ հատուածներ ներկայացնել ընթերցողին` նրան հաղորդակից դարձնելու այն աշխարհայեացքային մտածողութեանը, որը բնորոշ է ազնուականական կեցուածքով եւ հոգեբանութեամբ ապրող, յոյսի, հաւատի եւ սիրոյ լաւատեսական ուղերձներով առաջնորդուող եւ դրանք շուրջբոլորը սփռող հայրենապաշտ մտաւորականին, որն իր ամէն մի օրն ապրում է հայապահպանութեան, հարազատ ժողովրդի եւ հայրենի եզերքի ցաւերը դարմանելու գաղափարաբանութեամբ եւ հաստատակամութեամբ.

Ազգային եւ հոգեւոր պայծառ գաղափարներով տոգորուած երիտասարդ վեր. Մովսէս Ճանպազեանի հիասքանչ տեսիլքով ու ճիգերով վերընձիւղուեցաւ հայ աւետարանական համայնքը, նորանկախացած հայրենիքի մէջ ծնունդ առաւ նաեւ Հայաստանի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, որ աստուածահաճոյ ու ազգանուէր իր 27-ամեայ աստիճանաւոր վերելքի ընթացքին, առաքելութեան եւ ծաղկազարդումին մէջ ձեռք երկարեց աղէտեալներուն, չքաւորին, կարօտեալին, ուսանողին, Արցախի ու հայրենիքի զաւակներուն եւ համայն մարդկութեան:

Այո՛, վեր. Մովսէս Ճանպազեանին կեանքը եղաւ հանապազօրեայ պատարագ` իր պաշտած ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար… Ան գործեց անդադար, քարոզեց հաւատքով, դաստիարակեց ու դարբնեց հայ մարդը` անխոնջ եւ անդադար, մնալով խստապահանջ նախ իր անձին, ապա` իր շրջապատին: Մաշեցաւ դանդաղօրէն, ամբողջական նուիրումով իր կեանքը վերածեց լուռ ու կենդանի օրինակի մը` ազգային եւ հոգեւոր բարոյական աներեր հասկացողութեամբ:

 

Մովսէս Ճանպազեանի Դիմաքանդակի Բացումն Ու Անոր Հեղինակը

$
0
0

Մ. Ծ.

Անցնող սեպտեմբերին Երեւանի Մովսէս Ճանպազեանի անունը կրող միջնակարգ դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ վեր. դոկտոր Մովսէս Ճանպազեանի կիսանդրիին բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ եղան, հոգեւոր հայրեր, քաղաքական գործիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` ազգականներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու եւ լրագրողներու հոծ բազմութիւն մը: Մովսէս Ճանպազեանի հոգեւոր, ազգային եւ բարեսիրական գործունէութեան շուրջ որոշ գաղափար մը կազմելու համար քովի սիւնակներով կու տանք քանի մը հատուած` քաղելով զանոնք հասարակական, քաղաքական «Իրատես» թերթի 14 սեպտեմբեր 2018-ի համարէն:

Կիսանդրիին հեղինակն է կերպարուեստագէտ Յակոբ Ճանպազեանը: Այս բազմաշնորհ արուեստագէտը, հակառակ իր արդիւնաւէտ ստեղծագործական կեանքին, գրեթէ անծանօթ մնացած է թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ: Ան գծանկարիչ է, ջրանկարիչ եւ քանդակագործ միաժամանակ: Սակայն կարծէք` աւելի հմտացած կը թուի ըլլալ յուշարձանային արուեստի մէջ: Բացի Քեմպրիճի մէջ զետեղուած Մուսա Լերան հերոսամարտը անմահացնող կոթողային յղացքէն` ան ունի շուրջ երկվեցեակ մը յուշարձաններ` սփռուած` Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքներուն, որոնց կէսէն աւելին նուիրուած են Եղեռնի յիշատակին կամ հայ ժողովուրդի վերածնունդին: Այս բոլորէն վեր, սակայն,  Յակոբ Ճանպազեանը յայտնի է նաեւ իբրեւ հայ խաչքարային արուեստի եւ դիմաքանդակի վարպետ: Օնթարիոյի, Քեպեքի, ինչպէս նաեւ Նիու Ճըրզիի եւ Նիւ Եորքի հայկական կարգ մը եկեղեցիներու  բակերը զարդարուած են անոր խաչքարերով: Իր կերտած դիմաքանդակներէն շատեր (Կոմիտաս, Սայաթ Նովա, Արամ Ա. վեհափառ, Քրիստափոր Միքայելեան, Սիմոն Զաւարեան, Արամ Խաչատուրեան եւ այլն) ցրուած են մշակութային տարբեր կեդրոններու մէջ: Իսկ Արամ Մանուկեանի եւ Նիկոլ Աղբալեանի կիսանդրիները հանգրուանած են Սարդարապատի Ազգագրական թանգարանը: Այս ի վերուստ օժտուած արուեստագէտին բազմաշերտ ստեղծագործական կեանքը, անոր արուեստին վաստակն ու դրսեւորած որակը արժանի են ուսումնասիրման, բացայայտման ու գնահատման:

 

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Սարգիս Մանասեան

Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, քաղաքական-պետական գործիչ, ուսուցիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է Գանձակի (դաշտային Արցախի) Չարտախլու գիւղը, չքաւոր ընտանիքի մէջ: Ծննդեան ճշգրիտ թուականը անյայտ է, բայց կ՛ենթադրուի, որ 1878-1880 թուականներու ծնունդ ըլլայ:

Նախնական ուսումը ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ: Աշակերտական տարիներուն` 1895-ին անդամակցած է նորակազմ ՀՅԴաշնակցութեան Թիֆլիսի «Հայկազեան եղբայրութիւն» անունով գործող աշակերտական շարժումին: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Թիֆլիսի ռուսական ուսուցչանոցին մէջ, փայլուն արդիւնքով աւարտած եւ անմիջապէս կոչուած է ուսուցչական աշխատանքի` նախ Շուշիի հեղինակաւոր թեմական վարժարանին, ապա` նոյնինքն Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ:

1903-ին մասնակցած է «Փոթորիկ»-ի գործունէութեան:

Մանասեան եղած է Դաշնակցութեան մարտական ուժերուն զինման գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը (ՀՅԴ Արեւելեան Բիւրոյի կողքին ստեղծուած Զինուորական Ֆոնտի – անդամ էր), այդ պատճառով ալ ան կարեւոր ներդրում ունեցած է 1905-1906 թուականներուն ցարական գաղտնի սպասարկութեան հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումները դիմագրաւելու դժուարին գործին մէջ: Ս. Մանասեանը ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ Պաքուէն մինչեւ Երեւան տարածուած հայ մարտիկները զէնք ու զինամթերքով ապահովելու գործին գլխաւոր պատասխանատուներէն էր:

1909-ին ցարական իշխանութիւններու կողմէ, բազմահարիւր հայ մտաւորականներու ու հասարակական գործիչներու շարքին, Մանասեանը եւս ձերբակալուեցաւ եւ իբրեւ դաշնակցական` ծանրագոյն պատիժ ստացաւ եւ դատապարտուեցաւ: Ան հետագային ընդհանուր ներումէն օգտուած եւ բանտարկութենէ ազատ արձակուած է:

Բանտէն ազատ արձակուելէ անմիջապէս ետք լծուած է հայ կամաւորական շարժման կազմակերպման եւ զինման աշխատանքներուն:

Փետրուար 1917-էն ետք Մանասեանը մաս կը կազմէ Անդրկովկասը ներկայացնող հայ պատգամաւորներու խմբակին: Այդ առաքելութիւնը կը շարունակէ մինչեւ 28 մայիս 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու հիմնադրումը:

Սարգիս Մանասեանը իր բոլոր ուժերով նուիրուեցաւ հայոց պետականութեան կերտումին ու հզօրացման: Այդպէ՛ս ընտրուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր, 27 ապրիլ 1919-ին նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար, 28 մայիս 1919-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարար: Եղած է Ազրպէյճանի մէջ Հայաստանի դեսպան:

Մայիս 1920-ին սկիզբը Սարգիս Մանասեանը իբրեւ լիազօր բանագնաց ուղարկուած է Իջեւան` պոլշեւիկներու հակապետական ընդհանուր խռովութիւնը լուծելու: Ս. Մանասեանին կ՛ընկերանար յատուկ պատուիրակութիւն մը: Բանագնացներուն առաքելութիւնն էր երկխօսութեան ճամբով դադրեցնել խռովութիւնը:

Սակայն պոլշեւիկները դաւադրաբար զինք եւ ամբողջ պատուիրակութիւնը գերի բռնած եւ Պաքու տեղափոխած են, ուր բանտային չարչարանքներու եւ հարցաքննութեանց կարճատեւ շրջանէ մը ետք` 29 մայիս 1920-ին, Պաքուի մերձակայքը` Կասպից ծովուն բացերը, կը գնդակահարեն եւ ծով կը նետեն Սարգիս Մանասեանին խոշտանգուած մարմինը:

Արամ Մանուկեան

Բուն անունով` Սարգիս-Սերգէյ Յարութիւնի Յովհաննիսեան: Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, քաղաքական-պետական գործիչ, Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութեան ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Արամ ծնած է 1879 մարտ 19-ին, Ղարաբաղի Շուշի քաղաքին մէջ: Ծնողները սակայն, կը մնային Ղափանի Զէյվա գիւղը, այս իսկ պատճառով մեր ուսումնասիրութիւնէն երեւան կու գայ, որ շատ մը կենսագիրներ կամ աղբիւրներ Զէյվա գիւղը համարեն Արամի ծննդավայրը: Թէեւ Արամ ինքզինք նկատած է միշտ ղարաբաղցի  եւ ծնունդով շուշեցի: Իսկ միւս կողմէ` բացառուած չէ, որ Արամ ծնած ըլլայ Զէյվա եւ մանուկ տարիքէն փոխադրուած` Շուշի:

Այնուհետեւ, Արամ 1901-ին կ՛աւարտէ Երեւանի թեմական դպրոցը:

Կ՛անդամակցի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան շարքերուն եւ իր ինքնուրոյն դերակատարութիւնը կ՛ունենայ Շուշիի, Գանձակի, Թիֆլիսի, Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) եւ Կարսի մէջ: 1907-ին կը մասնակցի ՀՅԴ Դ. Ընդհանուր ժողովին, Վիեննա, ապա կը վերադառնայ Վան, ուր կը հանդիսանայ Վասպուրականի շրջանի ՀՅԴ ղեկավարը եւ կը նուիրուի Վանի ինքնապաշտպանութեան գործին. դաւաճան Դաւոյի մատնութեան պատճառով կը բանտարկուի եւ կ՛ենթարկուի զանազան չարչարանքներու: 1908-ին օսմանեան սահմանադրութեան օրերուն ազատ կ՛արձակուի բանտէն:

1914-ին Էրզրումի ՀՅԴ Ը. Ընդհանուր ժողովին կ՛ընտրուի Բիւրոյի անդամ եւ կը վերադառնայ Վան: 1915-ին կը հանդիսանայ Վանի յաղթական հերոսամարտի ոգին եւ կը նշանակուի անկախ Վասպուրականի նահանգապետ:

Ռուսական բանակը անբացատրելիօրէն կը նահանջէ Վանէն. հարիւր վաթսուն հազարի հասնող գաղթականութիւն մը տառապալի պայմաններու մէջ կը հեռանայ հայրենի իր հողէն: Արամ եւս իր ժողովուրդին հետ կը գաղթէ Կովկաս:

1917-ին Ազգային խորհուրդի կողմէ, իբրեւ լիազօր ներկայացուցիչ, կ՛ուղարկուի Երեւան, ուր կը տիրէր կատարեալ յուսահատութիւն եւ անիշխանութիւն: Երկրին մէջ անդորրութիւնը վերահաստատելու համար կը կազմուի յատուկ կոմիտէ մը` Արամի ղեկավարութեամբ եւ կը յայտարարուի զօրակոչ:

Յիշեալ պայմաններու մէջ էր, որ Երեւանի բնակչութիւնը եւ զինուորականութիւնը որոշեցին Արամին վստահիլ գոյամարտի կազմակերպումը եւ զայն նշանակեցին Արարատեան շրջանի տիքթաթէօր: Քաջ ծանօթ ենք, որ բառացի եթէ թարգմանենք այս բառը, ապա կը նշանակէ բռնատէր, միապետ, սակայն իրողութիւնը բացարձակապէս հակառակն էր: Հայ ժողովուրդը զայն ընտրեց կառավարիչ, առաջնորդ. հաւանաբար Արամը իր տիքթաթէօր անուանումով միակն է աշխարհի պատմութեան մէջ, որ ժողովուրդ մը, անխտիր, իր բարձր գիտակցութեամբ ու անսահման սիրոյ զգացումներուն իբրեւ արտայայտութիւն` անուանեց զայն տիքթաթէօր, ու ապագային ալ ոչ մէկ հայու համար այդ անուանումը բացասական բարդութիւն ստեղծեց, ընդհակառակը, բոլորը անխտիր համախմբուեցան մեծ առաքեալին շուրջ:

1918 մայիսին, երբ թրքական յառաջխաղացքին դիմաց հայկական զօրքերը պահ մը կը նահանջեն, առաջարկներ կ՛ըլլան Երեւանը պարպելու:

Արամի վճռական կեցուածքն է, որ կը փրկէ Հայաստանն ու հայութիւնը: Արամի հրահանգը կտրուկ էր. «ԵՐԵՒԱՆԸ ՉԵՆՔ ԴԱՏԱՐԿԻ, ԵԹԷ ՀԱՐԿ ԼԻՆԻ, ԲՈԼՈՐՍ ԷԼ ԷՍՏԵՂ ԿԸ ՄԵՌՆԵՆՔ, ԲԱՅՑ ԵՐԵՒԱՆԸ ՉԵՆՔ ՅԱՆՁՆԻ»…

28 մայիս 1918-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք ղեկավարած է երկիրը` մինչեւ Թիֆլիսի մէջ ստեղծուած Հայաստանի կառավարութեան ժամանումը (23 յուլիսին) Երեւան:

Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ կառավարութեան մէջ Արամ կը ստանձնէ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը, որուն իրաւասութեան տակ էին նաեւ լուսաւորութեան, հաղորդակցութեան, պարէնաւորման ու խնամատարութեան ոլորտները, տեղական իշխանութիւններու ձեւաւորումը: Մանուկեան մեծ ջանքեր գործադրած է հանրապետութեան մէջ պարենային ճգնաժամը մեղմելու, գրագրութիւններու լեզուն հայացնելու, հարիւր հազարաւոր փախստականներու եւ որբերու կացութիւնը հնարաւորինս բարելաւելու համար: Անոր անմիջական մասնակցութեամբ երկիրը ձերբազատած է հայոց պետականութեան նկատմամբ թշնամաբար տրամադրած թուրք-թաթարներէն:

Արամի առողջական վիճակը լաւ չէր, ան կը վարակուի բծաւոր տիֆով, եւ այդ պատճառով ալ կը մահանայ` 29 յունուար 1919-ին: Դժբախտաբար կարճ կը տեւէ Արամի պետական գործունէութիւնը:

Վերջապէս, ամէնէն աւելի Արամին կը պատկանի մայիսեան յաղթանակները կերտելու պատիւը: Ան էր ոգին, մղիչ ուժը, որ բազմութիւնները ոտքի հանեց,  ճակատ ղրկեց, թիկունքը կազմակերպեց եւ կարգ ու կանոն հաստատեց:

Հմայեակ Մանուկեան

Հմայեակ Մանուկեան. Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, հայ քաղաքական-պետական գործիչ, գրող:

Ծնած է 1895-ին, Վան: 1915 թ., Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն երիտասարդ Հ. Մանուկեան կը նշանակուի Զինուորական մարմինի օժանդակ տեղեկատու դիւանի անդամ: Ան խմբագիրն էր «Աշխատանք» թերթի:

1919-ին կ՛ընտրուի նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, երեսփոխանի իր պաշտօնը կը վարէ` 4 յունիս 1919-ին մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1920:

Փարիզի «Վէմ» ամսագրին մէջ կը հրապարակէ իր յուշերը` «Դէպքեր Վասպուրականում», 1937-էն սկսեալ:

Հմայեակ Մանուկեան կը մահանայ 1970-ին:

Գէորգ Մելիք-Գարակէօզեան

Գէորգ Մելիք-Գարակէօզեան. գրող, հրապարակագիր, լրագրող, քաղաքական-պետական գործիչ, Հայ ժողովրդական կուսակցութեան (ՀԺԿ) անդամ:

Ծնած է 1873-ին, Թիֆլիս: Աւարտած է Թիֆլիսի դասական միջնակարգ վարժարանը, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Պերլինի եւ Պրիւքսելի համալսարաններուն մէջ: 1902-ին վերադարձած է Թիֆլիս, իսկ 1903-1905 թուականներուն նշանակուած է «Կովկասեան Լրատու» ամսագրի խմբագիր:  1905-ին սկսած է հրատարակել «Արշալոյս» թերթը, միաժամանակ շարունակած է խմբագրել «Կովկասեան Լրատու» ամսագիրը:

1906-ին խուսափելով ցարական իշխանութիւններու հետապնդումներէն` մեկնած է արտասահման: 1912-ին վերադարձած է Թիֆլիս, ուր եւ ընտրուած է երկրորդ փոխօգնութեան վարկային կառավարչութեան անդամ, շուտով նաեւ` ղեկավար:

1917-ին նշանակուած է զինուորներու եւ անոնց ընտանիքներու օգնութեան անդրկովկասեան կոմիսար եւ նոյն թուականին մասնակցած է Համահայկական ազգային համագումարին: 1918-ին Մելիք-Գարակէօզեան նշանակուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարի օգնական: Պաթումի պայմանագրի կնքումէն ետք Հայկական ազգային պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած է Գերմանիա:

1918-ին դեկտեմբերէն մինչեւ 1919  յունիս ամիսը ստացած է քանի մը նախարարական պաշտօններ, օրինակ` լուսաւորութեան նախարարի պաշտօնը: Այս պաշտօնին վրայ պաշտօնավարած ընթացքին Մելիք-Գարակէօզեանը առաջնահերթ համարած է Հայաստանի մէջ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան հիմնումը: Ան իր գործօն մասնակցութիւնը ունեցած է Երեւանի համալսարանի հիմնադրութեան մէջ:

Մելիք-Գարակէօզեան հանդէս եկած է նաեւ առաջարկով, որ կանգնեցուի յուշարձան` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան ու միութեան յաւերժացման ու ազգային հերոսներու վառ յիշատակին: Այս նպատակով կազմած է հիմնադրամ, որ պէտք էր խրախուսէր արձանի համար յայտարարուած մրցանակաբաշխութեան իրականացումին ու յաղթողի պարգեւատրումին: Ան առաջարկած է նաեւ հրատարակել հայ ազատագրական շարժման վերջին շրջանի պատմութիւնը եւ հաստատել առանձին շքանշան` «Հայրենիքին մատուցած ծառայոււթիւններու համար»: Այս բոլոր առաջակները ընդունուած են միաձայն:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Մելիք-Գարակէօզեանը զբաղած է հիմնականին մէջ մանկավարժութեամբ, դասաւանդած է Հայաստանի եւ Վրաստանի տարբեր ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:

Մելիք-Գարակէօզեանը եղած է Հայ ժողովրդական կուսակցութեան անդամ եւ յաճախ ստանձնած է կուսակցութեան ղեկավար պաշտօններ:

Ան իբրեւ ստեղծագործող` գրած է բանաստեղծութիւններ, վէպեր, տեսական ու քաղաքական բնոյթի վերլուծական յօդուածներ, յուշագրութիւններ եւ այլն: Իր գրչին կը պատկանին` «Մեծ պայքար», «Ինչպէս ժառանգութիւն ստացայ միլիառ տոլար» վէպերը, «Դաշնակցութիւնը եւ մենք», «Հայկական մամուլի մասին», «Մարդու բնոյթը», «Բառերի տեմակոկիա», «Հայկական քաղաքական» եւ Աբովեանին ու Թումանեանին նուիրուած յօդուածներ:

Գէորգ Մելիք-Գարակէօզեանը մահացած է 1940-ին, Երեւան:

(Շար. 12)

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live