Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12041 articles
Browse latest View live

Սիրենք Մեր Լեզուն

0
0

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի ամենանուիրական եւ կարեւոր տօներէն մէկն է Թարգմանչած տօնը, որ նուիրուած է Թարգմանչաց շարժումին, հայ գիրի եւ դպրութեան մշակներուն եւ գիրերու գիւտին: Գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք Մեսրոպ Մաշտոցը, Սահակ Պարթեւն ու անոնց աշակերտներն անցան թարգմանական գործին, որուն նպատակն էր երկիրը յունական ազդեցութենէն ազատել, հայկական դպրոցներ հիմնել, քրիստոնէական եւ այլ գիրքեր հայերէն թարգմանել, եկեղեցական ծէսերը հայկականացնել:

Մեր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահերուն հայ ժողովուրդը իր մշակներով միշտ ալ հաւատարիմ մնացած է հայ հաւատքին եւ մայր լեզուին: Անոնք իրենց արեամբ սորվեցուցած են այբուբենը` հասնող սերունդներուն:

Այսօրուան նոր սերունդներն ալ պէտք է հաւատարիմ մնան թարգմանիչներու խորհուրդին, սիրեն ու յարգեն հայերէնը` զայն մաքուր գործածելով: Ամէն հայ մանուկ, առանց որեւէ պատճառաբանութեան, պէտք է հայկական վարժարան յաճախէ, հայեցի կրթութիւն ստանայ եւ ապա միայն սորվի օտար լեզուներ: Ծնողները այս իրաւունքէն պէտք չէ զրկեն իրենց զաւակները: Անոնք իրենց նորածիններու ականջին պէտք է մեղմօրէն հնչեցնեն այբուբենը: Միսաք Մեծարենց կ՛ըսէ. «Օգտուինք եւրոպական լեզուներու նորանոր ու թարմ արտայայտութիւններէն, բայց չմոռանանք գրաբարին յուռթի շտեմարաններէն օգտուիլ մանաւանդ: Ինչո՞ւ մեր հացը գետին ձգենք ու մուրացիկ, ուրիշի ետեւէն վազենք:»

Այսօրուան սփիւռքեան պայմանները հայապահպանման գործը կը խափանեն: Պէտք է զգօն ըլլալ եւ պայքարիլ անհատական եւ հաւաքական մակարդակով, որովհետեւ եթէ չպայքարինք, մեր գաղթօճախները կրնան ձուլուիլ, հետեւաբար մայրենի լեզուին հանդէպ պէտք է համաժողովրդական ուշադրութիւն, յարգանք եւ պատասխանատութիւն սեւեռենք:

Թարգմանչաց տօնին առիթով, եկէք, ուխտենք հաւատարիմ մնալ, սիրել եւ հարստացնել մեր մայրենի քաղցր լեզուն:

 

 

 


Թարգմանչաց Տօն. Երբ Աստուած Խօսեց Հայերէն

0
0

ՅԱՍՄԻԿ ԹԱՄԱՄԵԱՆ

Դարեր շարունակ հայ ազգը, կանգնելով դժուարութիւնների, պառակտման, պատերազմի ու ոչնչացման եզրին, գտել է փրկութեան իր ճանապարհը. զէնքից բացի` հաւատ, միտք ու գրիչ:

387թ. Հայաստանը, բաժանուած լինելով երկու մասի, այս անգամ եւս կանգնեց մեծ խնդրի առաջ. մի կողմից կրօնական, իսկ միւս կողմից քաղաքական: Դեռ 301 թուականին, երբ քրիստոնէութիւնն ընդունուեց որպէս պետական կրօն, հայ ժողովուրդը գրում ու կարդում էր յունարէն եւ ասորերէն լեզուներով: Արդիւնքում շատերն էին դժուարանում հասկանալ Սուրբ Գիրքը եւ Աստծոյ պատգամները, ինչը խոցելի էր դարձնում հաւատքը:

301 թուականին առաջինը քրիստոնէութիւնն ընդունած ազգը սկսել էր կատարել առաջին քայլերն Աստծուն լսելու, ճանաչելու եւ հասկանալու համար: Սակայն մինչեւ 5-րդ դար հայկական եկեղեցիներում Աստծոյ խօսքը հնչում էր տարբեր լեզուներով` յունարէն եւ ասորերէն, ուստի անհրաժեշտ էին անհատներ, ովքեր կը կարողանային մեկնել, թարգմանել Աստծոյ խօսքը:

Ահա այս պայմաններում էր, որ Ս. Մեսրոպ վարդապետը, Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Վռամշապուհ արքայի աջակցութեամբ, ձեռնամուխ եղաւ հայոց տառերի ստեղծմանը, այնուհետեւ` Աստուածաշնչի թարգմանութեանը:

Հայոց գրերը ստեղծելու նպատակով Մեսրոպ Մաշտոցն իր աշակերտների հետ ճանապարհ է ընկնում Եդեսիա եւ Սամոսատ քաղաքները,  ուսումնասիրում օտարալեզու մատեանները,  խորհրդակցում ասորի եւ յոյն գիտունների հետ եւ 405 թուականին ստեղծում հայոց գրերը:

Ըստ աւանդութեան, նա մի պահ հայեացքը թեքել է այն մագաղաթից, որի վրայ գրում էր, եւ նկատել է Աստծոյ ձեռքը, որը ձախից աջ գրում էր այբուբենի տառերը: Գիւտից յետոյ Մաշտոցը գնում է Սամոսատ, որտեղ յանձնարարում է Հռոփանոս անունով մի յոյն գեղագրի` ձեւաւորել իր ստեղծած տառերը: Դա բեկումնային դարձաւ հայ ժողովրդի թէ՛ կրօնական, թէ՛ մշակութային, թէ՛ քաղաքական կեանքի հետագայ ընթացքի համար:

Գրերի գիւտից անմիջապէս յետոյ Մեսրոպ Մաշտոցը, Սահակ Պարթեւն ու նրանց աշակերտներն անցան թարգմանական աշխատանքներին, որի նպատակը երկիրը յունական ազդեցութիւնից ազատելն էր, հայոց դպրոցներ հիմնելու, քրիստոնէական կարեւոր գրքերը եւ այլ երկեր հայերէն թարգմանելու,  եկեղեցական ծէսերը հայկականացնելու,  ինքնուրոյն հայալեզու դպրութիւն սկզբնաւորելու միջոցով:

Առաջին նախադասութիւնը եղաւ Սողոմոնի «Առակաց գրքից» թարգմանուած հատուածը` «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»: Ապա սկսուեց Աստուածաշունչ մատեանի ամբողջական թարգմանութիւնը, որը տեւեց ընդհանուր առմամբ 30 տարի եւ ֆրանսացի գիտնական Լա Կրոզի կողմից համարուեց «Թարգմանութիւնների թագուհի»:

Աստուած խօսեց հայերէն խօսեց հարազատ ու կենդանի լեզուով: Սուրբ թարգմանիչները ստեղծեցին այն ճանապարհը, որով Աստուած մօտեցաւ մեզ, եւ մենք մօտեցանք Աստծուն: Աստուած մեզ հետ խօսեց հայերէն:

Նրանք եղան Աստծոյ թարգմանիչները եւ «թարգմանեցին Աստծուն»: Եւ այս անփոխարինելի ներդրման համար Հայ առաքելական եկեղեցին սահմանել է յատուկ տօն` Ս. Թարգմանչաց տօն, որը նշւում է հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթ օրը:

5-րդ դարով, սակայն, չաւարտուեց թարգմանչաց շարժումը: Ամէն տարի այս տօնը յիշեցնում է Աստծոյ խօսքը լսելու, հասկանալու եւ այն հասանելի դարձնելու կարեւորութեան մասին:

Ի զուր չէ, որ կարեւորւում է առաջին թարգմանուած նախադասութեանը` «Ճանաչել իմաստութիւնն ու խրատը, իմանալ հանճարի խօսքերը», որ նշանակում է գիտակուած ապրել Աստծոյ խօսքով. ճանաչել Նրան, լսել Նրան, կատարել Նրա խօսքը:

 

 

 

 

Թարգմանչաց Շարժումին Մերօրեայ Խորհուրդը

0
0

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ

Թերեւս հայ ազգը աշխարհի տարածքին գոյութիւն ունեցող միակ ազգն է, որ եկեղեցական մակարդակի վրայ յատուկ տօն ճշդած է թարգմանիչներուն համար: Այս տօնախմբութեան ընթացքին յատուկ կերպով կը նշուին գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք ծաւալած թարգմանչական շարժումի ներկայացուցիչները: Բայց տօնին խորհուրդը չի սահմանափակուիր միայն մեր սուրբ թարգմանիչ հայրերուն կատարած վիթխարի աշխատանքին յիշատակումով, այլ նաեւ կը խորհրդանշէ հայոց այբուբենի գիւտը, հայկական առաջին կոթողային թարգմանչական աշխատանքը` Աստուածաշունչ մատեանի թարգմանութիւնը, եւ ընդհանրապէս հայ դպրութեան աշխատանքի սկզբնաւորումը:

Այս բոլոր ուղղութիւններուն խորհուրդին ամփոփումը մէկ տօնի մէջ այդ տօնին կը հաղորդէ զուտ ազգային բնոյթ: Մեր ոսկեդարու թարգմանչական աշխատանքը իւրայատուկ քաղաքակրթական դերակատարութիւն ունեցած է հայ ազգային մշակոյթի տարեգրութեան մէջ: Այդ թարգմանչական աշխատանքին զինուորագրեալները` Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետ, Սահակ Պարթեւ հայրապետ եւ անոնց աշակերտները յիրաւի մշակութային մեծ յեղափոխութիւն կատարած են հայ ազգի կեանքին մէջ` գրեթէ ոչինչէ հայ դասական գրականութիւն ու լեզու ստեղծելով եւ զանոնք աւանդելով սերունդէ սերունդ, հայկականացնելով հայ եկեղեցւոյ ծիսակարգը, որ մինչ այդ յունարէնով կամ ասորերէնով էր, ինչպէս նաեւ` հայկականացնելով այն ժամանակ տակաւին կանգուն Արշակունեաց պետականութեան պետական գրագրութիւնը, ինչ որ կարեւոր երեւոյթ էր հայերէնին պետական միակ լեզուի կարգավիճակ տալու առումով:

Կարեւոր ուրիշ կէտ մըն ալ կայ, որուն պէտք է անհրաժեշտ ուշադրութիւն դարձուի` մեր թարգմանիչ հայրերուն կատարած հսկայական աշխատանքը ազգային եւ եկեղեցական առումներով վերլուծելու ընթացքը: Այն, ինչ որ եղաւ Ե. դարու սկիզբը հայոց եւ հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ, երբեք պարզ եւ անցողակի երեւոյթ մը չէր, այլ վիթխարի ծաւալներ ունեցող ազգային եւ քաղաքակրթական ծրագիրի մը իրագործումն էր: Այս ծրագիրը իրագործողները, այո՛, կղերականներ էին, բայց մեկնելով իրենց աշխատանքին ծաւալէն` կրնանք հաստատել, որ անոնք նաեւ բարձր մակարդակի ազգային-պետական մտածողութիւն ունեցող գործիչներ էին: Զուտ քաղաքակրթական մակարդակով անոնց կատարած աշխատանքը այդքան ալ դիւրին չէր: Մեր թարգմանիչ հայրերուն յամառ, անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ էր, որ այն ժամանակուան մարդկային յառաջադէմ միտքը, քրիստոնէական մտածողութիւնը իր հիմնական մասով հայկականացուեցաւ ու ազգայնացուեցաւ` այս ձեւով հզօր պատնէշ մը քաշելով յունական, պարսկական թէ ասորական մշակութային ներթափանցումներուն դիմաց: Ե. դարու մեր թարգմանիչ հայրերուն այս յոյժ կարեւոր առաքելութիւնը շարունակուեցաւ հետագայ դարերուն ալ` հայ հոգեմտաւոր գրական ժառանգութիւնը հարստացնելով համաշխարհային միտքի գոհարներով:

Այս բոլորէն ալ մեկնելով` կրնանք անվարան հաստատել, որ հայ թարգմանչական շարժումը, որ համաշխարհային քրիստոնէական միտքը հայկականացուց, եղաւ իսկապէս ազգային-յեղափոխական մշակութային շարժում մը` յառաջդիմական բնոյթով օժտուած: Երբ հայոց պետականութիւնը անկման եւ տկարացման վիճակի մը մէջ կը գտնուէր, թարգմանիչ վարդապետներուն կատարած մշակութային յեղափոխութիւնը եկաւ ամուր հիմերու վրայ խարսխելու հայոց հոգեմտաւոր, մշակութային անկախութիւնը, որ իր կարգին հետագային հիմքը հանդիսացաւ հայոց պետականութեան վերականգնման փորձերուն` զանազան ժամանակաշրջաններու ընթացքին եւ մինչեւ այսօր:

Այսօր ո՞ւր ենք մենք այս բոլորին մէջ: Այսօր, ազգովին Ցեղասպանութեան վկայ դառնալէ աւելի քան մէկ դար ետք, մենք` իբրեւ այս աշխարհի վրայ մեր ինքնուրոյն տեղը ունեցող ազգային հաւաքականութիւն, վերականգնած ենք մեր ազգային անկախ պետականութիւնը, բայց նաեւ աշխարհին կը ներկայանանք իբրեւ աշխարհով մէկ ցրուած, ափիւռքացած հաւաքականութիւն, որուն ներուժը եթէ ճիշդ կերպով օգտագործուի, ապա միայն օգուտ կրնանք քաղել ազգովին` քաղաքական, տնտեսական թէ այլ բնագաւառներու մէջ:

Բայց նաեւ ներկայիս գոյութիւն ունին համաշխարհայնացումի վտանգները, որոնք, ինչպէս` Ե. դարու յունական եւ ասորական մշակութային ազդեցութիւնները, նոյնպէս կը սպառնան հայ ազգային-մշակութային անկախութեան, ազգային ուծացումի ալիքը հետզհետէ աւելի կ՛ահագնանայ սփիւռքեան մեր գաղութներուն մէջ: Ուրեմն ի՞նչ է միջոցը պայքարելու այս օրէ օր ահագնացող ազգային-մշակութային վտանգներուն դէմ: Գլխաւոր, հիմնական միջոցը, մեր կարծիքով, մեր թարգմանիչ հայրերուն ուղեգիծին հաւատարիմ մնալն է: Հաւատարիմ մնալը` այն ուղեգիծին, որ կը շեշտէ միջազգային յառաջդիմական միտքին հետ քայլ պահելու եւ, զայն հայկականացնելու, ազգայնացնելու անհրաժեշտութեան վրայ, եւ ի պահանջել հարկին, նաեւ կ՛ընդգծէ միջազգային լաւագոյն փորձին հետ քայլ պահելով հանդերձ ազգային ուրոյն մշակութային պատկերը ունենալու եւ այդ պատկերը իր ամբողջ փայլքով ուրիշին ներկայացնելու կարեւորութիւնը: Որովհետեւ յառաջդիմական ոգիով օժտուած ազգային-մշակութային իւրայատկութիւնը պահելով միայն մենք կրնանք մեր նպաստը բերել համամարդկային մեծ քաղաքակրթութեան:

Այս օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսախօսութեան խորհրդաժողովը, եւ անոր առընթեր կազմակերպուեցան մշակութային համապատասխան նախաձեռնութիւններ: Ասիկա մեծ առիթ է մեզի համար, ինչպէս վերը նշեցինք, թարգմանչաց ուղիով առնելու միջազգային մշակութային լաւագոյնը մեզի համար, իսկ օտարներու ալ ներկայացնելու մեր ուրոյն մշակութային-քաղաքակրթական դիմագիծը: Մանաւանդ որ այս մեծ իրադարձութիւնը կը զուգադիպի նաեւ հայազգի մեծ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի մահուան: Երգիչ մը, որ հայ ըլլալով` շատ բան տուած է ֆրանսախօսութեան եւ ֆրանսական մշակոյթին: Ահա առիթ մը ուրեմն` նորովի վերարժեւորելու թարգմանչաց յառաջդիմական շարժումը մեր ազգային կեանքին մէջ:

 

Խմբագրական. «Ապրիլ Միասին»- ի Առաջադրանքն Ու Զայն Արգելակողները

0
0
(Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան 17-րդ Վեհաժողովին Առիթով)

Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի Երեւանի մէջ կայացումը նախ կը տեղաւորուի ֆրանսերէնի պահպանման համար պաշտօնական Փարիզի կիրարկած լեզուամշակութային քաղաքականութեան տրամաբանութեան մէջ:

Լեզուի, լեզուամշակոյթի ու ընդհանրապէս լեզուամտածողութեան պահպանումը եւ տարածումը ինքնին շեշտակիօրէն քաղաքական երանգներ, լուռ ենթանպատակներ կը ներառեն եւ ըստ էութեան տարբեր աշխարհագրական միջավայրերու մէջ պետութիւններու ներկայութեան եւ արմատաւորման նպաստող կարեւորագոյն ազդակ են` պատմական ժամանակներէն ի վեր: Այս պարագային նաեւ լեզուական եւ մշակութային հարցերէն աւելին է` քաղաքակրթութեան տարածման առումով:

Պարզ է, որ ֆրանսախօսութիւնը նահանջած է: Նահանջած է ոչ թէ անպայման առաջին մտածումով զիջելով անգլերէնին, որովհետեւ անգլերէնը ինքը անընդհատ ձեւափոխումներու ենթարկման հոլովոյթի մէջ է: Համատարած է այսօր համացանցերէնը, որ սղագրութիւններով, պատկերատառերով, լատինատառերու եւ տուեալ լեզուի խառնուրդներով վերածուած է արագ հաղորդալեզուի: Արհեստագիտութեան նոր քաղաքակրթութիւնը ձեւախեղած է դասականը եւ անոր հետ նաեւ դասական լեզուները, որոնք նաեւ զարգացման դասական եղանակով նորոգուելու եւ վերանորոգուելու ընթացքի մէջ ըլլալու  դերին մէջ են:

Նոր քաղաքակրթութիւնը ֆրանսայի նախագահին ընկալումով աշխարհակարգ մը ձեւաւորած է, որ կը յատկանշուի սուտով, ատելութեան քարոզչութեամբ եւ վերջին տասնամեակներուն համախմբուելու համար  գործած կանոններուն չէզոքացումով ու վերացումով: Ուստի, ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը պէտք է վերածուի վերստին համախմբուելու սթափութեան հարթակի:

Գերտէրութեան մը ներկայացուցիչին կողմէ հնչեցուած ահազանգը, իրավիճակը բնութագրող իր տուած յատկանիշներով, կը խօսի ըստ էութեան անհատական, մարդկային արժեհամակարգի մը ի սպառ բացակայելու դատապարտումին միտող այսօրուան իրադրութիւններուն մասին:

Եթէ սուտը պիտի ընկալուի իբրեւ գերտէրութիւններու կողմէ իրականանալի ռազմական միջամտութեան համար պատրուակային հիմնաւորում, ապա ատելութեան քարոզչութիւնը` զանգուածային տարողութեամբ մարդկային կեանքերու հաշուոյն պատերազմներ հրահրելու հզօր մեքենայ: Գերնպատակներու համար կիրարկուող այս միջոցները հիմնովին կ՛արգելակեն մարդոց, հաւաքականութիւններու եւ պետութիւններու համախմբումները կամ 17-րդ վեհաժողովի կարգախօսով` «Միասին ապրիլ»-ը:

Վեհաժողովին Երեւանի մէջ կայացումը եւ այդ շրջագիծին մէջ տարբեր առիթներով կատարուած Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ դատապարտման հրամայականի կամ արցախեան տագնապի էութեան հիման վրայ մարդու տարրական ինքնորոշման իրաւունքի յիշեցումները կը վերաբերին նաեւ մեր ազգային խնդիրներուն: Այնտեղ նկատելու համար, որ սուտը կամ ժխտողականութիւնը եւ զանոնք կիրարկողները իրե՛նք է, որ կ՛արգելակեն համախմբուիլը կամ միասին ապրիլը: Կը փակեն ճանապարհները եւ կ՛արծարծեն նախապայմանները: Իսկ արցախեան տագնապին առումով ատելութեան քարոզչութիւն իրականացնողները չեն յարգեր միջազգային պայմանաւորուածութիւնները եւ կը հարուածեն բանակցային խաղաղ ճանապարհային գործընթացները:

Սթափութեան կոչը` կլիմայական հարցերու, միջազգային ահաբեկչութեան դէմ համախմբուած աշխատելու, քաղաքակրթական արժեհամակարգերը վերականգնելու եւ նման հարթակ լիարժէք օգտագործելու, ուրեմն կը վերաբերի նաեւ ազգային խնդիրներու: Սթափ ընկալելու նաեւ այն անհրաժեշտութիւնը, որ Ցեղասպանութիւնը պատժելի եւ հատուցելի  յանցագործութիւն է, որ ժխտողականութիւնը մերժելի է եւ ատելութեան պետական քարոզչութիւն տարածելը խաղաղ գործընթացները արգելակող գործօն է:

Երեւան ժամանած աշխարհի 84 երկրի պաշտօնատարները ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին ընդգծած հրամայականներուն ընդառաջ սթափ գնահատական տալու անհրաժեշտութեան առջեւ են` միասին ապրելու կամ համախմբուելու առաջադրանքներու իրականացման դէմ արգելքներ դնող պետութիւններու կիրարկած քաղաքականութեան: Անոնց շարքին` նաեւ Անգարային եւ Պաքուին: Սկզբունքով` նախ անոնց:

Հին Բարեկամներէս` Պարոն Պաղտասարը

0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Անմեղ հարցում մը: Արդեօ՞ք կը ճանչնաք այս մարդը: Պարոն Պաղտասարը:

Հարկաւ` ոչ: Ուրկէ~ ո՛ւր: Ես ալ չէի ճանչնար: Պարզեմ: Մեր թաղի հայ դրացիներէս մէկուն խնամին է: Զինք «Պէ-Պէ» կ՛անուանեն: Այսպէս է ծածկանունը: Ժամանակին ֆրանսացի հանրայայտ դերասանուհիներէն` Պրիժիթ Պարտոյին` մենք «Պէ-Պէ»-ով կը ճանչնայինք: Բայց այս մէկը բոլորովին տարբեր էր: Հիմա կը պարզեմ: Բարձրահասակ, լեցուն ստամոքսով, հաստ պեխերով ու յօնքերով, մեծ քիթով եւ ականջներով` պոռոտախօս հայ մը, որուն տարիներ առաջ թաղի դրացիիս աղջկան խնամախօսութեան հաւաքոյթին դժբախտաբար հանդիպած էի: Երանի չհանդիպէի:

Առաջին իսկ հերթին ան ինծի «տեսակ» մը երեւցաւ: Հակակրելի:

Վաթսունին շատ մօտ մէկն էր մեր այս «Պէ-Պէ»-ն, որ ամէն առիթով եւ ամէն կերպով կը փորձէր այս ափերուն մեր կեանքի պայքարը իր հասկցած ձեւով եւ կերպով նաեւ միացնել մեր ազգային գոյատեւման: Անոր համար ամէն հաւաքի, հասնողին առատօրէն խելք կը բաժնէր եւ, այսպէս, իր ձրի խրատականներով «կ՛արդուկէր» մարդոց արդէն յոգնած գլուխները: Թէեւ տարիներէ ի վեր անգործ էր, բայց հարուստի նման կը խօսէր, կարծես ճարպիկ ամերիկացի մը ըլլար:

Օտարներու շատ մը թերութիւնները շալկելով հանդերձ, ինքզինք զտարիւն հայ կը ներկայացնէր:

Հայկական պար եւ կամ պարել չէր գիտեր: Իրեն համար պարը ամօթ բան էր: Թէեւ շատախօս էր, բայց մէյ մը որ օղին առանց ջուրի խմել սկսէր, կարծես լեզուին կապերը աւելի կը քակուէին: Իր կնոջ համաձայն, «մեղա՜յ, տան մէջ միշտ սուսիկ-փուսիկ է մարդս», անձայն, անաղմուկ ու հնազանդ»: Հետաքրքրականը այն էր, որ ինք այս մէկը կ՛արդարացնէր` ըսելով, թէ իրենց տան մէջ իր կինը իրեն խօսելու առիթ երբեք չէր տար:

Մանուկ հասակին հայրը իրեն սորվեցուցած էր կեանքի քանի մը էական օրէնքները: Ու հօրը հնազանդ զաւակ` իր մտքին մէջ ամրօրէն պահած էր այդ խրատները: Հայրը նաեւ իրեն խստօրէն թելադրած էր, որ` «Եթէ դրամ շահիլ կը սիրէր, պէտք էր, որ բժիշկ կամ երկրաչափ ըլլար», կամ` «Եթէ կ՛ուզէր ազգին ծառայել, պէտք էր, որ միայն ազգին ղեկավարը դառնար»: Ապա` «Եթէ անպայման կ՛ուզէր օրուան հացի կարօտ մնալ, հայ գրող պէտք էր ըլլար…»:

Բայց «ինքը ո~ւր, գրողը ո՛ւր», յաճախ արտայայտուած էր հայրը, ցաւալիօրէն:

Ասոնք խրատականներ էին, որոնք իր ականջին օղ ըրած` ոչ միայն հետը կը պտտցնէր, այլ բոլորին ե՛ւ ձրիօրէն բարձրաձայն ու առատօրէն կը բաշխէր:

Ասով հանդերձ, սակայն, ինքզինք մեծ հաւատացեալ կը նկատէր: Թունդ քրիստոնեայ: Իր խօսակցութենէն եւ ձայնի ելեւէջներէն այդ մէկը կարելի էր նկատել: Կիրակի եկեղեցի երթալու համար քանի մը օրեր առաջ կը պատրաստուէր: Շաբաթ օր երկար կը լոգնար եւ տաղաւար օրերուն ալ իր կնոջ կ՛արգիլէր լուացք ընել:

Օտար սովորութիւններ «ներս» չբերելու համար ամուսնացած էր իր հայրենակիցի աղջկան հետ: Բայց այս մէկը իրեն հետ ուրիշ հարցեր ալ բերած էր: Ու հակառակ այս բոլորին` ինքզինք կնամեծար ցոյց կու տար:

Անկեղծ ըսելով` ինծի համար ան միտքով յեղափոխական էր, բայց իրականութեան մէջ` տեղափոխական: Այսպէս, մինչեւ Ամերիկա հաստատուիլը, քանի~ քանի՛ երկիրներէ անցած էր: Բացի ասկէ` մեր առաջին իսկ հանդիպման ընթացքին, նոյնիսկ առաջին կէս ժամուան մէջ, չես գիտեր, ինչո՞ւ, երեք անգամ իր նստած տեղը փոխած էր:

Մեսրոպ Մաշտոցով շատ կը հպարտանար, նոյնպէս` Խրիմեան հայրիկով, Հրազդան գետով եւ Երեւանով: Ու հակառակ անոր որ վանեցի մը չէր, կը կարծէր, որ Վան քաղաքը Վանայ լիճին վրայ գտնուող միակ նաւահանգիստն էր: Ըստ իրեն, եթէ իր ծնած երկիրը ապրած մնար, վաճառականութեամբ պիտի զբաղէր, բայց հո՛ս անգործութիւնը զինք աւելի հեզասահ կեանքի վարժեցուցած էր: Գաղութի հայութեան թիւին վրայ մեծ հիացումունք ունէր, անոր համար «այս Ամերիկան, Միջին Արեւելքէն ետք, իր երկրորդ հայրենիքը» կը նկատէր:

Մէկ խօսքով, տիպար, շատախօս արեւելքցի մըն էր: Մոլի եւ ծայրայեղ հայ ըլլալով հանդերձ, ստամոքսը շատ կը սիրէր: Իրեն համար առաջնակարգ տեղ կը գրաւէին խորովածն ու պանճանով` սմբուկով քեպապը, պեքմեզով հացն ու միջուկով քիւֆթէն: Իսկ լահանայի կաղամբի թուրշիի ջուրը միայն կը խմէր, երբ փորը ցաւեր: Ասոնց վրայ աւելցուցէք նաեւ պասթրման ու սուճուխը…

Մէկ խօսքով, ի ծնէ շատակեր եւ նոյնքան ալ «բանգէտ» մըն էր: Ինքզինք  թէ՛ հայասէր եւ թէ՛ հայագէտ կը ներկայացնէր: Այս մէկը մեր բոլոր հանդիպումներուն ամէն անգամ շեշտած եւ յիշեցուցած էր:

Ապա իրեն համար մեծ ցաւ էր «մեր մայրենի լեզուի բառապաշարին աղքատութիւնը», ու կ՛աւելցնէր` «Հայերէնը` երթալէն կը կորսնցնէ կոր իր մեծ հարստութիւնը». Թութակի պէս այս բոլորը կը կրկնէր շարունակ եւ ինքզինք արդարացնելու համար կ՛ըսէր.

– Օրինակ մենք թրքերէն «պոշկեզեն» բառին հայերէնը չունինք, տեսա՞ք…:

Միտքէս կ՛ըսէի, որ եթէ այս բառին հայերէնը ունենայինք, ինք ինծի համար ամէնէն յարմար թեկնածուն պիտի ըլլար: Եւ տակաւին, շարունակելով կ՛աւելցնէր. «Ըսէ՛ք տեսնեմ, երբ կ՛ըսենք «Ճիհաննեմ», արդեօ՞ք դժոխք բառին ճշգրիտ իմաստը տուած կ՛ըլլանք»: Եւ օրինակներ ու օրինակներ…

Էականը այն էր, որ ի՛նք կը հարցնէր եւ թէ՛ ալ իր հարցումին ի՛նք կը պատասխանէր ու մեզի առիթ չէր տար, որ մենք ալ մեր կարծիքը տայինք:

Անկախ այս բոլորէն` գրաբարը սորված էր եկեղեցի երթալով, աշխարհաբարը` դպրոցէն ներս, իսկ թրքերէնը` կօշկակարներու շուկայէն: Նախակրթարանի աշակերտ եղած ժամանակ քերականութեան դասը չէր սիրած, որովհետեւ օր մը, երբ ուսուցիչը ժխտականը բացատրելէ ետք աշակերտներէն օրինակ մը ուզած էր, ինք իբրեւ ուշիմ եւ խելացի աշակերտ` շուտով օրինակ մը տուած էր` քիւֆթէ – չի քիւֆթէ»:

Իր կարգին, ուսուցիչը պատասխանած էր

– Ապրի՛ս, հիմա ըսէ՛ տեսնեմ, խելացի տղա՛ս, դուն «ախմա՞խ ես, թէ՞ չախմախ», ու զինք իբրեւ դասապահը խանգարող աշակերտ` տնօրէնին մօտ ղրկած էր:

«Մարդ բախտաւոր ծնած պէտք է որ ըլլայ», կը կրկնէր միշտ: Բայց հակառակ այս բոլորին` երբեք յուսահատող մը չէր եղած, այլ` միշտ խնդումերես: Իրեն համար «վրան բաց», կամ «տակը գոց» կատակ չկար, բոլորն ալ նոյնն էին:

Անկախ հայերէնէն նաեւ շատ մը ուրիշ լեզուներ ալ գիտէր: Միայն «խէրն անիծածը» պարսկահայերէն չէր ընբռներ, իսկ արեւելահայերէնն ալ` «եթէ ռուսերէն բառեր չխառնէին, սանկ-նանկ քիչ մը կը հասկնար», իսկ «մեր հայերէնը իրեն համար գաւաթ մը ջուրի պէս էր»: Տակաւին, գիտէր քիչ մըն ալ ֆրանսերէն, բայց թրքերէնը` «մի՛ հարցնէք, պիւլպիւլի պէս»: Թէեւ «իր անգլերէնը այդքան ալ զօրաւոր չէր, բայց իր խնամիներէն աւելի լաւ գիտէր»:

Ամերիկա հաստատուած առաջին իսկ օրէն իր հայ եւ օտար դրկիցներէն  սորված էր այս երկրի ընկերային ծառայութեան բոլոր օրէնքներն ու կանոնները եւ յատկապէս օգտուելու կերպերը: «Ֆուտ ըսթամփ», «ուալֆեր», «ինվալիտ»` ասոնք անծանօթ բաներ եւ բառեր չէին իրեն համար: Անոր համար էր, որ «անգործ մնալը» կը նախընտրէր:

Բայց` այս նախաբանս անոր համար, որ բարեկամս` մեր «Պէ-Պէ»-ն, այս օրերուն յանկարծ որոշած էր գործ փնտռել. «ի՞նչ կ՛ըլլայ աւելորդ դրամը ա՞չք կը հանէր» պատճառաբանելով, միայն` «քէաշ»` կանխիկ պէտք էր վճարուէր:

Արդ, եթէ իրեն յարմար թելադրելիք գործ մը ունիք, կը խնդրեմ` զինք տեղեակ պահեցէ՛ք: Ինք ամէն օր, մինչեւ կէսօր, քաղաքի յայտնի «մեծերու» մանկապարտէզը կ՛ըլլայ, երեկոները` հանրային գրադարանին մէջ անգլերէն եւ օտար «մակազիններուն» նկարները դիտելով կը զբաղի, իսկ շաբաթ օրերն ալ` իրենց տան դիմացի «փարքը» իր տարեկիցներուն հետ նարտի կը խաղայ:

Չմոռնաք…

 

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մշակութային Ժառանգութիւնը Ազդու Զէնքի Վերածել (Թարգմանչաց Տօնին Առթիւ)

0
0

Հոկտեմբերի այս օրերուն կ՛ոգեկոչենք անմեռ յիշատակը նուիրեալ այն վարդապետներուն, որոնք հայոց տառերը ստեղծեցին, Աստուածաշունչը թարգմանեցին եւ հայ դպրութեան հիմքը ամրապնդելով` ոսկեդարը կերտեցին:

301-ին հայ ժողովուրդը քրիստոնէութիւնը ընդունեց, սակայն Հայաստանեայց եկեղեցին հայացաւ եւ ազգային նկարագիրով օժտուեցաւ հայ գիրերու գիւտէն ու Աստուածաշունչի եւ հայ հոգեւոր  գրականութեան թարգմանութենէն ետք: Այդ օրերուն կառուցուեցան դպրոցներ, կրթութեան օճախներ, ու հայ մանուկը սկսաւ սորվիլ մեսրոպեան քաղցրահնչիւն լեզուն ու մայրենի լեզուով աղօթել, կարդալ ու գրել:

Թարգմանիչ վարդապետներուն գրական ու մշակութային այս աննախընթաց շարժումը ունէր նաեւ քաղաքական նշանակութիւն, որովհետեւ կոչուած էր հսկաներու ճակատումներուն մէջ պահպանելու հայ ազգին իւրայատուկ դիմագիծը, մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը:

Մշակութային այդ հսկայ ժառանգութիւնը պահպանուեցաւ ու զարգացաւ դարէ դար` հակառակ մեր ժողովուրդին դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն: Կորսնցուցինք նիւթեղէն մեր հարստութեան նկատառելի մէկ համեմատութիւնը, գրաւուեցան մեր հողերը, ոչնչացան մեր նիւթեղէն ամրոցները, սակայն հայ գիրով ու մշակոյթով, պատմութեամբ  ու գրականութեամբ բարձրացած ոգեղէն ամրոցները կայուն մնացին: Հոգեւոր այդ արժէքները հայ պահեցին նոյնիսկ ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր ժողովուրդի աշխարհացրիւ բեկորները, որովհետեւ անոնք աւելի հատու էին, քան` թշնամի ցեղերուն զէնքերն ու բռնի թրքացման միջոցները:

Այս ճշմարտութիւնն է ահա՛, որ վեր պէտք է առնել Թարգմանչաց տօնին առիթով ու գիտակցիլ վերջապէս, որ թարգմանիչ հայրերուն մեզի կտակած աւանդը, լեզուն ու գրականութիւնն ալ որպէս զէնք կարելի է օգտագործել ոչ միայն պաշտպանուելու, այլ սէրն ու համերաշխութիւնը տարածելու ողջ աշխարհին մէջ:

Մի՞թէ թարգմանական գրականութիւնն ու արուեստն ալ քարոզչական միջոցներ չեն կրնար ըլլալ` անտեղեակ հաւաքականութիւններու մտքին մէջ թափանցելու, անոնց մեր Դատին ու հարուստ աւանդին գրականութեամբ, մշակոյթով իրազեկ դարձնելու համար, ատելութեան, տգիտութեան ու ոխին վերջ տալու համար:

Եթէ հինգերորդ դարուն Սահակ հայրապետը, Վռամշապուհ արքան, Մեսրոպ վարդապետն ու թարգմանչաց հոյլը հայ դպրութեան, ազգային գաղափարախօսութեան ապաւինելով` կորուստէ փրկեցին մեր ժողովուրդը, այսօր, աւելի քան երբեք, մեր անխորտակելի ամրոցներու պահպանումով ու տարածումով եւս կրնանք սատարել յատկապէս մեր աշխարհացրիւ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանումին: Կրնանք սատարել նաեւ մեր հայրենիքի ճանաչողական որակի բարձրացումին, երբ ամբողջ աշխարհին մենք զմեզ ճանաչելի կը դարձնենք մեր ոգեղէն արժէքներով ու հարստութեամբ եւս: Ոգեղէն մեր ներուժով ուրեմն կարելի է պահպանել մեր ժառանգութիւնն ու անով իսկ պաշտպանուիլ` աշխարհի որ ծայրամասին մէջ ալ գտնուինք:

Այսօր, սակայն, նիւթապաշտ այս աշխարհին մէջ ոմանք կորսնցուցած կը թուին ըլլալ իրենց հաւատքը ոգեղէն մեր ուժին` հայ գրականութեան ու մշակոյթին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դերակատարութեան հանդէպ:

Այլապէս ինչո՞ւ աղանդաւորական շարժումներ պիտի թափանցէին մեր երկրին ու աշխարհատարած ժողովուրդին մէջ, ինչո՞ւ մեր գրականութիւնն ու լեզուն նահանջ պիտի ապրէին, ինչո՞ւ նոր ստեղծագործութիւններով, թարգմանական գրականութեամբ պիտի չյորդէին մեր դպրութեան կեդրոնները, ինչո՞ւ գրողներ անտէր, անտիրական պիտի մնային:

Միթէ՞ մեր թարգմանիչ հայրերուն  մեզի կտակած հոգեկան ու մշակութային ժառանգութիւնը հարստացնելու կարողութիւն չունինք գերարդիացած այս աշխարհին մէջ, երբ չկան հինգերորդ դարու դժուարութիւններն ու քաղաքական ճնշումները, երբ ունինք ազատ հայրենիք եւ տարողունակ զարգացումներու դիմաց բաց ժողովուրդ:

Հաւատքն է, որ կը պակսի պարզապէս…Հաւատք` մեր մշակութային ժառանգութիւնը ազդու  զէնքի վերածելու էական գործին նկատմամբ, ներգործելու` մատաղ մտքերու ամբողջ սերունդի մը վրայ: Եթէ ամրանայ այդ հաւատքը, ո՛չ կամքն է, որ կը պակսի, ո՛չ ալ` նիւթական կարելիութիւնը: Եթէ ամրանայ այդ հաւատքը, նահանջի երգերը աստիճանաբար տեղի կու տան:

Թարցմանչաց տօնին առիթով, ուրեմն, մատղաշ մեր սերունդներուն ուսուցանենք սիրել մայրենի լեզուն, դեգերիլ անոր հարստութեան մէջ, գեղեցիկն ու լաւը արտադրելու յանդգնութիւն ու կամք ունենալ` ազդու զէնքի վերածելով թարգմանիչ վարդապետներուն ժառանգութիւնը:

«Գ.»

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յաջող Հայ Երիտասարդը

0
0

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Այսօր, որպէս հայ մեր ինքնութիւնը պահելու դժուարութեան կողքին, տիպար սերունդներ կերտելու մտահոգութիւն ալ կը դիմագրաւենք: Մեր զաւակները դաստիարակելու կողքին, պէտք է տիպար օրինակ դառնանք մեր ապրելակերպով: Երբ կ՛ուզենք մեր զաւակին յաջողութիւնը, անհրաժեշտ է, որ բարելաւենք մեր անձերը եւ լաւ օրինակ հանդիսանանք իրենց: Օրինակելի տիպարով եւ դաստիարակութեամբ միայն կրնանք մեր զաւակները առաջնորդել դէպի կեանքի յաջողութիւններ:

Ամէն անձ կրնայ իր կեանքի ընթացքին ելեւէջներ ունենալ, բայց երբ արմատը ամուր եւ առողջ է, անպայման պիտի յաղթահարէ բոլոր տեսակի դժուարութիւնները եւ վերածնունդ ստեղծէ… Մեր միութենական կամ ազգային հասարակութեան մէջ, երբ յաջողութիւններ կ՛ուզենք արձանագրել, անհրաժեշտ է յաջող սերունդներ պատրաստել, որպէսզի իրենց կերտած յաջողութեամբ ազգի շահերը վերածաղկին եւ պտուղներ տան:

Ազգի մը գոյտեւումը եւ յաջողութիւնը ծնունդ կ՛առնէ իւրաքանչիւր անձի տան մէջ եւ ետքը կ՛անցնի դպրոցէն, եկեղեցիէն, ակումբէն եւ շրջանակէն. ամէն հայ ծնող պարտականութիւն ունի պատրաստել բարեբեր հող եւ ցանել լաւագոյն տեսակի սերմեր, որոնք պէտք եղած խնամքը ստանալէն ետք միայն կրնան լաւ արդիւնք տալ: Կը հաւատամ, որ այս ձեւով հայ ազգը աւելի գիտակից եւ յաջող սերունդներ մէջտեղ կրնայ բերել: Որպէս հայեր` իրաւունք չունինք քննադատելու, երբ մենք մեր տան մէջ տիպար օրինակ չդառնալով` յաջող սերունդներ չենք կրցած պատրաստել… Քննադատութիւնը շինիչ կը դառնայ, երբ մենք ինքնադատութենէ ետք մեր բաժինը բերելով եւ պէտք եղած ձեւերը որդեգրելով` յաջողութիւններ արձանագրած կ՛ըլլանք մեր տիպար օրինակով, յաջող սերունդներ կերտելով… ապա թէ ոչ, միայն ուրիշը քննադատելով, ազգի քանդումին նպաստած կ՛ըլլանք:

 

 

 

Յաւերժական Երուսաղէմ-2. Խապրիկներ Հայ Երուսաղէմէն

0
0

Գրեց` ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Ս. Յարութեան տաճարին մուտքը

«Սիոն»-ի վերջին թիւերուն մէջ կան քանի մը խապրիկներ, որոնք կ՛ուրախացնեն զիս, նոյնիսկ իմ սիրտը կ՛ուռեցնեն հպարտութեամբ:

Պաշտօնաթերթին խմբագրականներէն մին ընթերցողին ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ արդէն յոբելենական տարեշրջանի մը վրայ: Խմբագրականը կը նշէ, որ հայոց պատրիարքութիւնը յոյժ կարեւոր երեք յոբելեաններու դէմ յանդիման է այս տարի, 2018-ին. «Սիոն»-ի նոր շրջանի 90-ամեակը, Ժառանգաւորաց վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակը եւ Սրբոց Յակոբեանց տպարանի հաստատման 185-ամեակը:

Անկորնչելի ու անմոռանալի իրագործումներու ամբողջ պատմութիւն մը կայ այս երեք պատկառելի թուականներուն ետին: Կը բաւէ այստեղ պարզապէս յուշել, որ Երուսաղէմի հայոց տպարանը, ուրկէ լոյսին բերուած են բազմահարիւր թանկարժէք մատեաններ, ԱՌԱՋԻՆ տպագրատունը եղած է բովանդակ Ս. Երկրին: Թէոդիկ իր նշանաւոր «Տիպ ու տառ»-ին մէջ կու տայ այս տպարանէն լոյսին բերուած առջինեկ գիրքին անունն ու տարեթիւն ալ` «Տետրակ աղօթամատոյց վասն ջերմեռանդ աղօթասիրաց», 1833: Ուրեմն` ճիշդ 185 տարի առաջ:

Հիմա ես կրնա՞մ իմ խանդավառութիւնը զսպել, երբ կը կարդամ որ «Սիոն»-ի իննսունամեակը պսակուած է արդէն շատ կարեւոր իրագործումով մը:

Արդարեւ, դեռ անցեալ նոյեմբերին Երուսաղէմի վանապատկան «Կիւլպէնկեան» մատենադարանին ու Հայաստանի Ազգ. գրադարանին միջեւ ստորագրուեր է համագործակցութեան պայմանագիր մը, որուն հիմամբ, հայաստանեան կողմը յանձն առեր է թուայնացնել թէ՛ Երուսաղէմի «Մայր ցուցակ ձեռագրաց»-ի 11 ստուար հատորները (1966-1991), թէ՛ ալ «Սիոն»-ի հին ու նոր շրջաններու բոլոր հաւաքածոները, բոլո՛ր թիւերը:

Կրցայ անձամբ ստուգել, որ Հայաստանի Ազգ. գրադարանին այս յանձնառութիւնը իրագործուեր է արդէն արագօրէն ու կատարելապէս: Ամէն հայ, աշխարհի որ անկիւնն ալ ապրի, համացանցի ճամբով, իր համակարգիչին պաստառին վրայ այսուհետեւ կրնայ կարդալ, սերտել, պրպտել «Սիոն»-ի հին թիւերէն որեւէ մէկը: Կը բաւէ, որ մտնէք «Գրահաւաք» կայքէջը (grahavak.blogspot.com), հայ պարբերական մամուլի այբենական ցուցակին մէջ փնտռէք «Սիոն» անունը ու կոճակ մը սեղմէք: Հրաշքը ձեր դիմացն է. «Սիոն» իր էջերը մի առ մի պիտի բանայ ձեր առջեւ ու ձեզ ընկլուզէ իր խորախորհուրդ խորութիւններուն մէջ…

Ի դէպ, նոյն կայքէջին մէջ նմանապէս թուայնացուած են հարիւրաւոր այլ հայերէն թերթեր ու պարբերականներ եւս:

«Սիոն» խապրիկներ ունի մեզի` նաեւ շինարարական-վերանորոգչական մարզէն:

Գիտենք, որ Ս. Քաղաքին կառոյցները հին են, ունին դարերու պատմութիւն: Կ՛ըսուի, որ հայ Երուսաղէմի վանքերուն ու մատուռներուն մեծ մասը շինուած կամ բարեզարդուած է մեր պատմութեան մէջ յայտնի ինչ-ինչ իշխաններու կամ արքաներու, ինչպէս նաեւ առատաձեռն հարուստներու բարեպաշտական նուէրներով: Այդ հնամենի շէնքերուն վերանորոգութիւնը ստիպողական կը դառնայ յաճախ ու անհրաժեշտ: Ահա՛ լուծ մը եւս հայոց պատրիարքութեան նկուն ուսերուն: Եւ այստեղ կը ծագի անշուշտ նիւթական մեծղի ծախքերը հոգալու մտմտուքը…

Բայց նախախնամութիւնը կ՛օգնէ կարծէք:

Ս. Յարութեան տաճարին մէջ՝ Քրիստոսի Ս. գերեզմանը

Այսպէս, շուրջ տարի մը տեւող վերանորոգչական աշխատանքներու աւարտին, 22 մարտ 2017-ին կատարուած է պաշտօնական բացումը համաքրիստոնէական Ս. Յարութիւն տաճարին մէջ գտնուող Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին: Ասիկա միջազգային նշանակութիւն ունեցող վայր է, եւ որուն երեք սեփականատէրերէն մէկը Հայ եկեղեցին է:  «Սիոն» կը հաղորդէ, որ վերանորոգութեան համար ծախսուած է երեք միլիոն չորս հարիւր հազար եւրօ: Այս մեծ գումարը հաւասարապէս հոգացեր են երեք իրաւատէր յարանուանութիւնները…

Նոյն տարուան աշնան ներքնապէս վերանորոգուեր է նաեւ հին Երուսաղէմի պարիսպներէն դուրս գտնուող հայոց Ս. Փրկիչ վանքը: Կատարուեր է հանդիսաւոր դռնբացէք եւ վերաօծում: «Սիոն» քանի մը տողով սա՛ հետաքրքրական տեղեկութիւնը կու տայ այս վանքին մասին.

«Սուրբ Փրկչի մեր վանքին մէջ կը գտնուի Քրիստոսի երկրորդ բանտը: Մատուռը շատ հին է, բայց սիրուն տեսք մը ունի: Աւագ խորանին վրայ դրուած է Յիսուսի գերեզմանին կափարիչ վէմը, զոր հրեշտակը շրջեց ու վրան նստաւ: Բոլոր քրիստոնեայ ազգերը այս վէմին վաւերականութիւնը կ՛ընդունին եւ երկիւղով ու հաւատով կը մօտենան անոր` ուխտ ու երկրպագութիւն ընելու»:

Այս տեղեկութիւնը սրեց իմ հետաքրքրութիւնը: Դիմեցի Օրմանեան սրբազանի «Հայկական Երուսաղէմ» գրքոյկին (1931) ու հոն մօտ քսան էջ բացատրութիւն գտայ այս նուիրական սրբավայրին մասին: Օրմանեան ինք ալ կը հաստատէ, Քրիստոս խաչելութեան նախորդ գիշերը պահ մը բանտարկուեցաւ այս վայրին մէջ, որ Կայիափա քահանայապետին ապարանքն էր, եւ ուր ինք նախատինքներու նշաւակ դարձաւ: Անկէ առաջ ան բանտարկուած էր այլ վայրի մը մէջ ալ, որ հիմա նմանապէս հայոց սեփականութիւնն է` Ս. Հրեշտակապետ վանքը (կը կոչուի առաջին բանտ): Օրմանեան կ՛աւելցնէ նաեւ, որ Ս. Փրկիչ վանքին կից է Երուսաղէմի հայոց ազգային գերեզմանատունը, ուր թաղուած են նախկին գրեթէ բոլոր պատրիարքները:

Այսպիսի լուրերու ընթերցումը կ՛ոգեւորէ զիս: Տակաւ այն համոզումը կը գոյացնեմ, որ հայ Երուսաղէմը անշքացած չէ: Անոր «զինուորագրեալ» միաբանները արթուն կը հսկեն մեր հարստութիւններուն ու կտակուած աւանդներուն վրայ:

– Ուրիշ խապրիկներ ալ չկա՞ն,- հարց պիտի տան ոմանք:

Կա՜ն: Գոնէ պիտի յիշեմ, որ աշխարհի մօտ ու հեռու երկիրներէն եւ Հայաստանէն ուխտաւորներու խումբեր անընդհատ կը շարունակեն Երուսաղէմ այցելել ու իրենց լումաներով վառ պահել կանթեղները Սրբոց Յակոբեանց վանքին: Ժառանգաւորաց վարժարանն ու ընծայարանը, ինչպէս նաեւ Սրբոց Թարգմանչաց երկրորդական դպրոցը (180 աշակերտով) կը շարունակեն բաց պահել իրենց դռները, մարդուժ հասցնել:

Չէ կասած նաեւ հրատարակչական մարզը: Եւ այստեղ անակնկալը մեծ է. 2017-ին Սրբոց Յակոբեանց տպարանէն 1000-ական տպաքանակով լոյս ընծայուած են Եղիվարդի (Եղիշէ պատրիարք Տէրտէրեան) մամուլի մէջ ցրուած արձակ գրութիւններէն երեք հատորներ` «Ազգային եւ եկեղեցական անդրադարձումներ», «Համապատկեր հոգեւոր եւ ազգային դէմքերու» ու «Մատենախօսականք»: Երեքը միասնաբար` աւելի քան հազար էջանի մէկտեղում մը:

Յետմահու հրատարակուած այս գիրքերով Եղիվարդ կարծես դուրս կու գայ իր շիրմափոսէն ու կը շարունակէ իր հզօր շունչը տարածել Սիոն լերան կողերն ի վար…

(Հալէպ)


Նուիրական Հնչեղութիւն Ունեցող Բարեզարդման Աշխատանքի Մը Դէմ Յանդիման (Հայկազեան Համալսարանին)

0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Նոր ժամանակներու այսպէս ըսած պարտադրանքն է, որ ամէն միջավայր թէ կառոյց հերթաբար նախաձեռնէ ներքին բարեզարդման աշխատանքի, որ խորքին մէջ ներդրում մըն է, որ կը միտի բարգաւաճ ու կենսունակ պահել տուեալ կառոյցը:

Գաղութահայ կեանքին մէջ նման նախանձախնդիր եւ գնահատելի մօտեցումներ  անպակաս են տարբեր բնագաւառներու մէջ, ինչպէս` եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, միութիւն եւ այլն, ինչ որ միշտ ողջունելի է եւ երախտարժան:

Ի դէպ, որեւէ կառոյցի բարեզարդումը կը դառնայ ինքնանպատակ, եթէ երբեք  անոր չյաջորդեն նաեւ բազում ոլորտներու բարեկարգչական հեռանկարներ, որոնք այլապէս ալ պիտի նպաստեն առաւել արդիւնաւէտ եւ շահեկան գործունէութեան ծաւալումի, ծաղկումի, բարգաւաճումի եւ յառաջդիմութեան:

Հայկազեան համալսարան:

Սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ երեւոյթ մըն է այս կառոյցը, որ կոչուած է ըլլալու իրերայաջորդ սերունդներու ակադեմական կրթարանը, բարոյահոգեբանական կազմաւորումի միջավայրն ու հայաշունչ ապրումներու հաւաքավայրը:

Փաստօրէն, տասնամեակներէ ի վեր (1955) իր պատուական ներկայութեամբ գործող հայկական այս համալսարանը, ծնունդը եղած է երազի ու հաւատամքի, յոյսի ու վերապրումի, որ ցարդ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, բարձր պահելով անոր հիմնադիրին` փրոֆ. Արմենակ Հայկազեանի մարդակերտումի հաւատոյ հանգանակը:

Ճիշդ է, որ Հայկազեան համալսարանին մէջ բարեզարդման բազմապիսի աշխատանքներու ականատես եղած ենք վերջին տարիներուն, ինչպէս` շէնքերու թէ յարակից մասերու, գրադարաններու նորոգութիւն, գրասենեակներու հաստատում, գիշերօթիկի ապահովում, ուսանողական թէ մասնագիտական միջավայրի ստեղծում  եւ այլն: Սակայն այս պարագային, նորովի բարեզարդման աշխատանքը ունի տարբեր հնչեղութիւն եւ իմաստ:

Ինչո՞ւ, որովհետեւ վերջերս կատարուած բարեզարդումը ընդգրկեց այն շէնքը, ուրկէ ծնունդ առած է Հայկազեան համալսարանը: Երկյարկանի շէնք մը, որ օրին` 1930-ականներուն ծառայած է իբրեւ պատսպարան-կրթարան հայ վերապրող օրիորդներու, որոնք մազապուրծ ազատած են հայոց ցեղասպանութենէն: Շէնք մը, ուր իրենց թանկագին կեանքն ու քրտինքը, հոգեմտաւոր աշխարհն ու յոյսը ներդրած են ազնուահոգի միսիոնարներ, որոնք հետագային տուեալ կառոյցը նուիրած են Հայ աւետարանական համայնքին` իբրեւ հայասիրութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի կենարար յիշատակ:

Եւ ահա, երբ կ՛ընդգծենք նորովի բարեզարդման աշխատանքին իմաստը, յուզական երեւոյթ ըլլալու իրողութիւնը, այլապէս ալ կ՛ուզենք շեշտադրել, որ անիկա ոգեւորող եւ նուիրական է, ձեւով մը երախտագիտութիւն բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք իրենց միտքն ու հոգին, կամքն ու հաւատքը շաղախած են հայութեան հետ եւ ցոյց տուած են լուսաւոր կեանքի ճանապարհը:

Յայտնապէս խօսքը կը վերաբերի ամերիկացի միսիոնարուհի Էլիզապեթ Ուեպի, որուն մարդասէրի կոչումը, դէպի հայութիւն ծաւալած անոր բարեգործի ու խնամատարի գործունէութիւնը եղած են գերազանցապէս օրինակելի:

Հայասէր Էլիզապեթ Ուեպ իր բարեգործութիւնը սկսած էր տակաւին 1886-1922  թուականներուն, երբ ան ականատես է եղած Կիլիկիոյ հայութեան ապրած դժոխային պայմաններուն: Իբրեւ ականատեսի վկայութիւն Ատանայի ջարդերուն (1909) մասին, ան օրին տեղեկագրած է արհաւիրքը եւ ներկայացուցած միսիոնարական վարչութեան:

Բարեպաշտ ու ազնուահոգի միսիոնարուհին տեղահանութեան ենթարկուած հայութեան հետ կը հասնի Լիբանան եւ կը լծուի բարեգործութեան: Իր ջանքերուն շնորհիւ կը բացուին պատսպարան-կրթարաններ, ուր հայ աղջիկներ կը ստանան ուսում ու հոգատարութիւն, սէր ու գուրգուրանք: Ան մինչեւ խոր ծերութիւն կը մնայ հայ իրականութեան ծառայելով եւ կեանքէն կը հեռանայ անմնացորդ նուիրումի խորհրդանիշ դառնալով: Մեծ մարդասէրը կը թաղուի Լիբանան, հեռու` իր ընտանիքէն եւ ծննդավայրէն:

Ահա մեծագոյն արժանիքը նման մեծութիւններու, որոնց յիշատակը կրկին լոյսին կը բերուի, այս անգամ բարեզարդելով անոր ստեղծած բոյնը, որ աւելի քան 60 տարիէ ի վեր կը շարունակէ իր ակադեմական առաքելութիւնը:

Այսօր, Հայկազեան համալսարանը օժտուած է նորովի բարեզարդուած բաժինով մը` «Ուսանողութեան կեդրոն», որ կը ներառէ արդի ոճով կառուցուած ուսանողական նստավայր, հսկայ ճաշասրահ, խոհարարական բաժին, մարզանքի վայր, քարտուղարութեան սենեակ եւ յարակից բաժիններ:

Իրօք, ուշադրութեան արժանի է հետեւեալ իրականութիւնը, որ, նկատի առած օրուան հրամայական պահանջը` բարեզարդումը, համալսարանի նախագահութիւնը, իր խնամակալ կազմով յանձն կ՛առնէ նման նախաձեռնութիւն, հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամին, եւ իր լրումին կը հասցնէ նոր օրերու երազը, եւ պատշաճութեամբ յագեցած կահոյքով` ուսանողին կը հրամցնէ նուիրական այս աշխատանքը:

Երազները իրականութիւն կը դառնան, երբ առկայ են հաւատամքը, համոզումը, կամքն ու տեսլականը:

Տեղին է յիշել, որ աւանդութիւն դարձած է Հայկազեան համալսարանին, ամէն տարի ձեռնարկով մը յիշատակել իր «Հիմնադիրներու օր»-ը: Այս տարի անիկա պիտի զգենու իւրայատուկ հնչեղութիւն, որովհետեւ հոկտեմբեր 15-ին, հանդիսութեամբ մը բացումը պիտի կատարուի բարեզարդուած շէնքին:

Բոլորին վարձքը կատա՛ր:

10 հոկտեմբեր 2018             

Անբախտ Կատուն

0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ամբողջ գիշերը չկրցայ քնանալ: Ննջարանիս պատուհանէն կատուի ձագի մը լացն ու մլաւիւնը կը խանգարէին անուշ քունս: Բարեբախտաբար յաջորդ օրը շաբաթավերջ էր, եւ ես ստիպուած չէի կանուխ արթննալով` գործի հասնելու: Ազատ օրերուս կը սիրեմ ուշ արթննալ, սակայն կատուի ձագին լացը կը շարունակուէր միեւնոյն թափով:

Գացի պարտէզ: Նորածին ձագ մըն էր: Աչքերը տակաւին փակ էին: Ո՞ւր էր իր մայրը: Ո՞ւր էին իր քոյրերն ու եղբայրները: Չհասկցայ, թէ ուրկէ՞ եկած էր պարտէզս:

Վստահաբար անօթի էր: Ընտանի անասուն տանս մէջ երբե՛ք չեմ փափաքած ունենալ: Մօտաւորապէս չորս տասնամեակէ ի վեր Ամերիկա հաստատուած եմ, եւ կամայ թէ ակամայ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, որոշ ամերիկեան սովորութիւններ սկսած եմ որդեգրել, սակայն ընտանի անասունը «տանը մէկ անդամը» համարելը մինչեւ օրս անիմաստ կը գտնեմ: Արեւմտեան երկիրներուն մէջ յաճախ «անասնասիրութիւնը», մարդասիրութենէ աւելի կը գերադասուի:

Անխղճութիւն պիտի ըլլար այդ վիճակին մէջ անտեսել այդ «որբուկը»: Տանս մէջ անկարելի էր, որ պահէի, ոչ ալ անօթի-ծարաւ կրնայի ձգել խեղճ անասունը:

Ամանի մը մէջ կաթ լեցուցի եւ դրի իր առջեւը: Չմօտեցաւ: Ինձմէ՞ «ամչցաւ», թէ՞ վարժ չէր ամանի մէջէն խմելու: Նորածին մը վստահաբար պիտի նախընտրէր իր մօրը ստինքի կաթը, սակայն ուրկէ՞ կրնայի գտնել իր մայրը: Հեռացայ քովէն եւ անկիւն մը պահուըտած` սկսայ հետեւիլ իր շարժումներուն: Մօտեցաւ ամանին: Քիչ մը հոտուըտաց ու ապա արագ-արագ լեզուին շարժելը նկատեցի: Քանի մը վայրկեանէն կաթը ամբողջութեամբ լափած էր: Սրտի գոհունակութիւն մը զգացի: Վերստին կաթով լեցուցի ամանը եւ դարձեալ հեռացայ: Մօտեցաւ, սակայն, ըստ երեւոյթին, կշտացած էր: Տարբեր ամանի մը մէջ  ջուր լեցնելով` դրի կաթի ամանին քովը: Քանի մը կաթիլ խմեց: Լացը դադրած էր: Քովը կենալու կարիքը չկար:

Մտայ ներս, եւ քանի մը վայրկեան ետք դարձեալ լացի ձայնը հասաւ ականջներուս: Վստահաբար մայրը կը փնտռէր:

Կողքի դրացիս շուն, կատու եւ այլ ընտանի անասուններու «հաւաքածոյ» ունի: Գացի իր մօտ` հետաքրքրուելու, թէ ի՛նչ պէտք էր ընել:

Ժպտեցաւ. «Վստահաբար պիտի չհեռանայ տունէդ: Այդպէս են կատուները: Անգամ մը, որ կերակրեցիր, անկարելի է, որ հեռանայ»:

«Աչքս լոյս», ըսի մտովի, սակայն կերակրելուս համար չզղջացի:

Շուներուն հաւատարմութեան մասին լսած էի, սակայն կատուները ապերախտ կը կարծէի: Մօտս մնալու որոշումը երախտագիտութի՞ւն էր, թէ՞ բնազդ: Հաւանաբար` երկրորդը:

Դրացիիս գուշակութիւնը ճիշդ էր: Տանս շրջափակէն չհեռացաւ կատուն: Չ՛ուզեր հեռանալ: Ընդհանրապէս կը մնայ տանս ետեւի կողմի պարտէզին մէջ: Մեզ չի խանգարեր: Չեմ կերակրեր: Ինքզինքը կ՛ազատէ: Ժամանակին մեծ մասը կ՛անցընէ քնանալով, իսկ երբ ձանձրանայ, կ՛անցնի տանս առջեւի մասը եւ հետաքրքրութեամբ անցորդները կը դիտէ:

***

Անասուններուն մէջ եւս կան բախտաւորներն ու անբախտները: Այս կատուն վերջիններու շարքին է: Փոխանակ տանս պարտէզը իյնալու, եթէ կողքի դրացիիս պարտէզը երթար, վստահաբար շատ աւելի «փայլուն ապագայ» մը պիտի ունենար: Ուրկէ՞ ո՛ւր եկաւ մէկու մը տունը, որ չի «գնահատեր» ընտանի անասունները:

Անասուններու պարագային, պարզապէս բախտի հարց է ընտանիքի մը կողմէ «որդեգրուիլը»: Մարդոց նման, բարձրագոյն ուսում ստանալով, իրենց ապագան չեն կերտեր: Բոլորը միեւնոյն կարողութիւնները ունին, պարզապէս մէկուն բախտը բերած է հարուստ ընտանիքի մէջ ծնիլ, իսկ ուրիշ մը ծնած օրէն անտուն, անտիրական փողոցները մնացած է: Յաճախ կ՛ըսեն, որ` «Մարդ բախտ ունենալու է»: Միայն մարդիկ չեն, որ բախտ ունենալու են: Անասուններն անգամ կրնան բախտաւոր աստղի տակ ծնիլ: Այս մէկը անբախտ է բառին իսկական առումով:

Պահ մը մոռնանք մեր խեղճ կատուն եւ առնենք քանի մը չորքոտանիներու պարագան: Անտուն ձիերու չենք հանդիպիր, սակայն ազնուական կամ թագաւորական ընտանիքներու ձիերը շատ աւելի բախտաւոր են: Ունին զիրենք հոգացող մարդիկ, սակայն էշը ծնած օրէն անբախտ է: Հանդիպա՞ծ էք բախտաւոր իշու մը: Վստահաբա՛ր ո՛չ: Էշը ծնած է «իշու նման» աշխատելու: Յաճախ էշը կը բերեն որպէս գէշ օրինակ: Անպէտք անձի մը, որպէս նուաստացուցիչ խօսք, յաճախ կ՛ըսեն` «Իշուն մէկն է»: Ո՞վ ըսաւ, որ էշը անպէտք անասուն մըն է: Հլու հնազանդ կ՛աշխատի` առանց գանգատելու, եւ որպէս նուաստացուցիչ օրինակ կը բերեն այդ բարի անասունը:

Շուները, համեմատաբար, կատուներէն աւելի բախտաւոր են, մանաւանդ` արեւմտեան երկիրներու մէջ: Մանկութեանս տարիներուն ծննդավայրիս մէջ «փողոցային» շուները շատ էին, սակայն «փողոցային», այս պարագային, չի գործածուիր որպէս նուաստացուցիչ խօսք: Պարզապէս` փողոցները մնացած անտուն շուներ: Կը յիշեմ` յաճախ «շունի օթոն» կու գար ու կը հաւաքէր այդ խեղճ անասունները տանելու սպանդի, մինչ Ամերիկայի մէջ բազմաթիւ են շուներու կամ ընտանի անասուններու «որբանոցները»: Հեռատեսիլէն ցոյց կը տրուին անտէր անասուններու նկարներ` խնդրելով մարդոցմէ, որպէսզի որդեգրեն կամ ամսական քանի մը տոլար վճարելով` օգտակար հանդիսանան այդ ապաստանարաններու ծախսերուն:

Բաղդատականը տեղին չէ, սակայն սրտի խոր ցաւով ստիպուած եմ յիշել, թէ քանի՛ հոգի կը մտածէ որդեգրել Ափրիկէի կամ Միջին Արեւելքի մէջ որբացած երեխաները: Ընդհակառակը, մեր «յարգելի» նախագահը կարելին ի գործ կը դնէ «իր» երկրէն դուրս շպրտելու իսլամ գաղթականները:

***

Գործատեղիս, կէսօրուան ճաշի դադարին, տարբեր նիւթերու մասին կը խօսինք, եւ շատ յաճախ գերազանցող նիւթը եղած է իրենց տան շունը կամ կատուն: Բնականաբար այդ տեսակ նիւթերու չեմ մասնակցիր, սակայն այդ օր ես ալ իմ կարգիս վերջապէս ըսելիք մը ունէի եւ պատմեցի կատուին դէպքը:

Հնդիկ պաշտօնակիցս ուզեց հաւատացնել, որ ընտանիքիս մէկ մահացած անդամ մըն է, որ վերածնած է որպէս կատու, եւ անպայման պէտք է պահեմ ու հոգ տանիմ: Բարեբախտաբար հնդիկ չեմ եւ ոչ ալ` նման բաներու հաւատացողը:

Կարծեցի, որ այդ օր վերջ գտաւ ընտանի անասուններու մասին խօսելու իմ բաժինս: Այդպէս չէր: Յաջորդող օրերուն` ամէն կողմէ հարցումներու տարափ մը, թէ ի՞նչ վիճակի մէջ է «որդեգիր» կատուս: Երանի բնաւ յիշած չըլլայի այդ դէպքը:

Միջին Արեւելքի մէջ անձի մը «շուն» անուանելը նուաստացուցիչ է, մինչդեռ արեւմտեան երկիրներու մէջ մարդ կը համարձակի՞ շուներու մասին անարգական խօսք մը արտայայտել: Միայն մէկ անգամ սխալեցայ, եւ ամերիկացի գործընկերոջ  մը  «շուն չեմ սիրեր» ըսելս պատճառ դարձաւ, որ ինձմէ նեղուի: Լաւ գործընկեր է, եւ ուզեցի բարեկամութիւնս շարունակել, սակայն «յօնք շինելու տեղ աչք հանեցի». «Ըսել կ՛ուզեմ` տանս մէջ չեմ ուզեր շուն պահել», ինչ որ շատ աւելի զարմացուց զինք, եւ վստահաբար մտովի «անխիղճ» կամ նման ածականով մը որակեց զիս:

Երբ տակաւին Լիբանան էի, բարեկամներէս մէկը, քանի մը տարի Անգլիա ուսանելէ ետք, Լիբանան վերադարձին, կատակելով ըսած էր. «Եթէ դարձեալ ծնիմ, պիտի ուզէի Անգլիա ծնիլ… որպէս շուն»: Խնդացինք, սակայն Ամերիկա հաստատուելէս ետք յիշեցի այդ կատակը եւ շատ աւելի լաւ հասկցայ, թէ ի՞նչ ըսել կ՛ուզէ: Լիբանանի մէջ, գէթ իմ հոն գտնուած տարիներուս, շունը պարզապէս չորքոտանի անասուն մըն էր, յաճախ` անտէր, փողոցները մնացած: Արեւմուտքի երկիրներուն շունը «շուն» ըլլալէ դադրած է, ընտանիքին մէկ անդամն է:

Հանդիպա՞ծ էք շարժապատկերի մը կամ հեռատեսիլի որեւէ ծանուցումի, որուն մէջ չհանդիպիք շան մը: Ես չեմ հանդիպած: Շունը ներկայութիւն է ամէն տեղ: Ունին իրենց իւրայատուկ զբօսավայրերը, ուր մարդիկ կը տանին իրենց շուները, որպէսզի անոնք բարեկամութիւն հաստատեն տարբեր շուներու հետ, եւ այդ պատրուակով իրենք եւս կը ծանօթանան տարբեր շուներու «տէրերու»:

Շատ պատահած է, որ մարդիկ իրենց հարստութիւնը կտակեն շուներու կամ կատուներու: Պատերու վրայ յաճախ կը հանդիպինք փոքրիկ ծանուցումներու, վրան` շունի մը նկարը: «Կորսուած է: Որպէս վարձատրութիւն գտնողին կը խոստանանք 1000 տոլար նուէր»:

Անբախտ կատուներու կողքին, կան նաեւ «հերոս» կատուներ:

Քանի մը շաբաթ առաջ կատու մը շան մը վրայ յարձակելով` փրկած էր աղջնակի մը կեանքը: Օրերով մամուլի եւ հեռատեսիլի կայաններու ամենակարեւոր նիւթն էր այդ դէպքը: Հերոսացուցին այդ կատուն: Քիչ մնաց «Ազգային հերոս» տիտղոսին արժանանար: Դիմատետրի էջերուն վրայ, շատեր տեղադրեցին «հերոս կատուին» նկարը: Եղածը շունի մը ու կատուի մը թշնամական բնազդն է, որ ի գործադրուեցաւ, սակայն բախտաւոր կատուն պարգեւատրուեցաւ, գովաբանուեցաւ: Արդեօք նոյնը պիտի չընէ՞ր մեր անբախտ կատուն, երբ շուն մը իր աչքերուն առջեւ յարձակէր փոքրիկի մը վրայ: Հաւանաբար` այո՛, սակայն «ո՞ւր էր էտէնց բախտ»: Անտուն, անտիրական, անօթի կատուն պիտի դառնար «հերոս», վստահաբար քանի մը հոգի ձեռքէ ձեռք պիտի խլէին ու պիտի արժանանային «հերոս» կատուն որդեգրելու «պատուին»: Հպարտօրէն պիտի յայտարարէին, որ իրենց ընտանիքին անդամն է այդ «հերոս»-ը:

Բախտ ըսածդ այսպէս կ՛ըլլայ:

***

Քանի մը տարի անցած է այդ թուականէն: Կատուն սկսած է ծերանալ: Քալած ժամանակ կը կաղայ, սակայն իր որոշումին վրայ հաստատ մնացած է: Չ՛ուզեր հեռանալ: Կը խղճամ, սակայն չեմ համարձակիր տանիլ անասուններու ապաստանարան մը: Այդ վիճակով վստահաբար ո՛չ ոք պիտի ուզէ որդեգրել, եւ ստիպուած պիտի ըլլան ասեղ մը սրսկելով` յաւիտենական քունի մէջ դնել խեղճ անասունը:

Արեւմտեան երկիրներու մէջ մինչեւ իսկ անասուններու կենցաղը տարբեր է մեզմէ: Բոլորիս ծանօթ է շուներու եւ կատուներու զիրար հանդէպ թշնամութիւնը: Այդպէս ծնած են: Բնազդ է: Երկու հոգի երբ իրարու չհանդուրժեն եւ համերաշխ չապրին, «Իրարու հետ շուն ու կատու են» ասացուածքը առածի կարգ անցած է: Ամերիկայի մէջ միեւնոյն յարկին տակ բնակող շունն ու կատուն կը դառնան «քոյր եղբայր», սակայն որքա՞ն վստահելի է այդ մտերմութիւնը: Անմիջապէս, որ բնակին ազատ աշխարհի մէջ, պիտի դառնան միեւնոյն շունն ու կատուն:

Ամերիկա եւ Թուրքիա երկար տարիներ իրարու հետ «մեղրալուսնի» մէջ էին: Արեւմտեան երկիրներու շուն ու կատու էին:

Ներկայիս դարձած են իսկական շուն ու կատու:

Էնօրուանից մինչեւ օրս էլ
Շունն էս բանը չի մոռացել
Մտքում հըլա դեռ պահում ա
Որտեղ կատուին պատահում ա
Վեր ա թռչում վրայ վազում
Իրեն մորթին ետ ա ուզում
Իսկ սեւերես կատուն յանկարծ
Ետ ա դառնում ու բարկացած` փըշտացնում ա
Մըթամ նոր եմ ցըրցամ տուել, թէ որ կարեմ:

Շունն ու Կատուն (Յովհաննէս Թումանեան)

Լոս Անճելըս, 2018

 

Թրամփի Վարչամեքենան Չեղեալ Կը Համարէ Միջազգային Երկու Պայմանգիր Եւս

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Սեպտեմբերին ես յօդուած մը գրած էի` քննադատելով Թրամփի վարչամեքենային կողմէ Միջազգային քրէական դատարանի մերժումը: Միացեալ Նահանգներու այս դիրքորոշումը ես համարած էի յարգանքի բացակայութիւն` արդարադատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան նկատմամբ:

Անցեալ շաբաթ Թրամփի վարչամեքենան եւս երկու գայթակղեցուցիչ գործողութիւն իրականացուց` աւելի եւս ոտնահարելով միջազգային իրաւունքը եւ խուսափելով հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման իրաւական լուծումէն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը դադարեցնեն 1955-ին Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ստորագրուած Բարեկամութեան համաձայնագիրը, Արդարադատութեան միջազգային դատարանի (ICJ) կողմէ 3 հոկտեմբեր 2018-ին ընդունուած միաձայն որոշումէն ետք, ըստ որուն, Միացեալ Նահանգներ պարտաւոր են վերսկսելու արտահանումը Իրան մարդասիրական ապրանքներու եւ պահեստամասերու քաղաքացիական օդանաւային թռիչքի ապահովութեան ծառայութիւններու համար` հակառակ Միացեալ Նահանգներու հաստատած պատժամիջոցներուն: Սա, անշուշտ, յաղթանակ էր Իրանի համար, քանի որ վերջինս դատի տուած էր Միացեալ Նահանգները Միջազգային դատարանին մէջ: Դուրս գալով այս համաձայնագրէն` Միացեալ Նահանգներ վերածուեցան ոչ արժանապատիւ պարտուողի մը…

Նախագահ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն վերսկսաւ այս տարուան մայիսին` Իրանի եւ քանի մը այլ մեծ պետութիւններու հետ 2015-ին կնքած միջուկային գործարքէն դուրս գալէ ետք: Պատժամիջոցները կը վերաբերէին տոլարային գործարքներու, սննդամթերքի արտահանման եւ ալիւմինիոմի ու պողպատի վաճառքին: Նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներ նոր պատժամիջոցներ պիտի աւելցնեն Իրանի քարիւղի վաճառքի, ուժանիւթի եւ երթեւեկութեան հատուածներու, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան ֆինանսական գործարքներու դէմ:

Դատավճիռէն ետք Միջազգային դատարանի նախագահ Ապտիւլքաւի Եուսուֆը յայտարարեց, որ` «Դատարանին հրամանը կը կիրարկուի դեղամիջոցներու եւ բժշկական սարքերու, սննդամթերքի եւ գիւղատնտեսական ապրանքներու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական օդանաւային թռիչքի համար պահեստամասերու եւ սարքաւորումներու նկատմամբ: Միացեալ Նահանգներ պէտք է նաեւ ապահովեն, որ արտօնագիրներ եւ թոյլտուութիւններ տրուին, եւ որ նման ապրանքներու եւ ծառայութիւններու համար վճարումները որեւէ սահմանափակման չենթարկուին», կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»:

Թէեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին որոշումները պարտադիր են, սակայն ստիպողական չեն: Ամերիկայի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընը, 3 հոկտեմբերին, Սպիտակ տան մամլոյ ասուլիսի ժամանակ իր ելոյթով յայտարարեց, որ Իրան «ծաղրանքի վերածած է» Բարեկամութեան համաձայնագիրը: Ի պատասխան` Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆը Միացեալ Նահանգները կոչեց «օրինազանց վարչակարգ»:

Հետաքրքրական է, որ Միացեալ Նահանգներ Միջազգային դատարանի մէջ դատական հայցեր կը ներկայացնեն ուրիշ պետութիւններու դէմ այն ատեն, երբ իրենց շահերը կը պահանջեն: 1979-ին Միացեալ Նահանգներ դատի տուին Իրանի իշխանութիւնները` Թեհրանի մէջ իրանցի զինեալներու կողմէ ամերիկեան դեսպանատան գրաւումէն ետք: Միացեալ Նահանգներ շահեցան այդ դատը, եւ Միջազգային դատարանը հրամայեց Իրանին` ազատ արձակել բոլոր ամերիկացի պատանդները եւ հատուցում վճարել: Զարմանալի է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը այս պահուն կը դադրեցնէ Իրանի հետ համաձայնագիրը, այլ ոչ թէ 1979-ին` պատանդներու հետ կապուած ճգնաժամի օրերուն…

«Ուաշինկթըն Փոսթ» հաղորդած է, որ «անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի մէջ տեղի ունեցած դիւանագիտական հանդիպումներու ընթացքին Թրամփ, Փոմփէօ եւ Պոլթըն հանդէս եկած են Իրանի դէմ եւ յանդիմանած` միւս անդամ պետութիւնները եւ ՄԱԿ-ի մարմինները, որոնք ամերիկեան շահերուն չեն ծառայեր: Այս երեքին մօտեցումը արժանացած է պաղ արձագանգի: Նախագահ Թրամփի գլխաւորութեամբ Ապահովութեան խորհուրդի նստաշրջանին մէջ, ՄԱԿ-ի ամէնէն ազդեցիկ կառոյցի իւրաքանչիւր անդամ մեղադրած է Ուաշինկթընը` Խորհուրդին կողմէ համաձայնութիւն տրուած միջուկային գործարքը մերժելուն համար»:

3 հոկտեմբեր 2018-ին Պոլթըն նաեւ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ դուրս կու գան դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերաբերեալ Վիեննայի համաձայնագիրի «կամաւոր արձանագրութենէն»: Այս որոշումը պայմանաւորուած էր Պաղեստինի իշխանութեան` 2018 սեպտեմբերին Ամերիկայի դէմ Միջազգային դատարանին ներկայացուցած բողոքով` Իսրայէլի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելու հարցին կապուած:

Վիեննայի համաձայնագիրը միջազգային պայմանագիր է, որ կը կանոնակարգէ դիւանագիտական յարաբերութիւնները պետութիւններու միջեւ եւ կ՛ապահովէ  դիւանագէտներու անձեռնմխելիութիւնը: Զարմանալիօրէն Պոլթըն ըսաւ, որ` «Միացեալ Նահանգներ կը  մնան Դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի համաձայնագիրի կողմ, եւ մենք կ՛ակնկալենք, որ միւս բոլոր կողմերը կը պահպանեն համաձայնագիրով նախատեսուած իրենց միջազգային պարտաւորութիւնները»:

Այնուհետեւ Պոլթընը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ վերատեսութեան  պիտի ենթարկեն մնացեալ բոլոր միջազգային համաձայնագիրները` Միացեալ Նահանգներու ինքնիշխանութիւնը պահպանելու համար: Աւելցնենք, որ Թրամփի  նախագահութեան երկու տարիէն նուազ ժամանակամիջոցի մը մէջ, Միացեալ Նահանգներ արդէն դուրս եկած են Իրանի միջուկային համաձայնագիրէն, կլիմայի միջազգային համաձայնագիրէն, Միաւորուած ազգերու կրթութեան, գիտութեան եւ մշակութային կազմակերպութենէն, սպառնացած են հեռանալ ՕԹԱՆ-էն, հեռացած են ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդէն եւ կրճատած է ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի (ՄԱԿ-ի օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութիւն) ֆինանսաւորումը, որ վերջին 70 տարիներու ընթացքին մարդասիրական օգնութիւն կը տրամադրէր պաղեստինցի միլիոնաւոր գաղթականներու…

Սահմանադրագէտ իրաւաբանները կրնան կասկածի տակ առնել Թրամփի վարչամեքենայի` Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին իսկ վաւերացուցած միջազգային պայմանագրերը չեղեալ յայտարարելու օրինականութիւնը: Արդեօք ծերակոյտը պէտք չէ՞ իր համաձայնութիւնը տայ Սպիտակ տան` մինչեւ վերջինիս դուրս գալը այսպիսի պայմանագիրէ մը: Ամերիկայի պատմութեան առաջին 189 տարիներուն ընթացքի ջնջուած է թիւով 40 պայմանագիր` Քոնկրեսի երկու պալատներու միջեւ գոյացած համաձայնութեանց լոյսին տակ: Միայն երկու պայմանագիր չեղեալ համարուած է ծերակոյտին կողմէ քուէարկութեամբ` վերջինիս անդամներուն երկու երրորդ ձայներու հիմամբ: Ցաւօք, վերջին տարիներուն, Քոնկրեսի անկարողութեան եւ պատմական անգործութեան պատճառով, գործադիրը նախաձեռնութիւնը իր ձեռքը վերցնելով, միակողմանիօրէն չեղեալ կը յայտարարէ միջազգային պայմանագիրներ: Ասիկա լուրջ հարց է, զոր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ, մասնաւորաբար եթէ դեմոկրատները շահին մեծամասնութիւնը, որպէսզի թոյլ չտայ նախագահ Թրամփին` կամայական որոշումներ կայացնելու, որոնք կը խայտառակեն Միացեալ Նահանգները ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ:

Յուսանք, որ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ, աւելի՛ պատասխանատու նախագահը կը փորձէ փոխել Թրամփին խորապէս թերի որոշումները` միջազգային համաձայնագիրներու եւ կենսական այլ հարցերու վերաբերեալ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

 

Նամականի. «Զուարթնոց» Օդակայանին Անունը Փոխելու Հարցին Մասին

0
0

Հայաստանեան լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառութեան դրուած են լուրեր, որ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը պիտի անուանափոխուի «Շարլ Ազնաւուրի օդակայան» անունով: Այս հարցին շուրջ տակաւին լուրջ քննարկում եւ որոշում գոյութիւն չունին: Սոյն կարծիքը կու տանք պարզապէս միտքերու ազատ փոխանակումի ծիրին մէջ:

Բաց նամակ «Զուարթնոց»-ի հարցով

Շատ մեծ զայրոյթով իմացայ, որ «Զուարթնոց» օդակայանին անունը պիտի փոխեն եւ զայն կոչեն «Շարլ Ազնաւուր» անունով: Զուարթնոց տաճարը հայ ճարտարապետութեան թագուհին է: Թամանեանի գծած յատակագիծին համաձայն, ան կը նմանի Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տունին:

Խորհրդային Միութեան օրերուն Հայաստանի Ճարտարապետներու միութիւնը եւ կառավարութիւնը արիութիւնը ունեցան օդակայանը հայ եկեղեցւոյ անունով մկրտելու:

Մեր ամբողջական յարգանքով Շարլ Ազնաւուրի անձին եւ գործունէութեան, չենք կրնար բաղդատել հայ ճարտարապետութեան գոհար Զուարթնոց եկեղեցին շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրին հետ: Մեր ազգային արժանապատուութիւնը չ՛ընդունիր «Զուարթնոց» անունը փոխարինել Շարլ Ազնաւուրով:

Յարգանքներով`
ԺԻՐԱՅՐ ԱՆԱԼԵԱՆ

Շարլ Ազնաւուրի Յաւերժ Երթին Եօթնօրեային Առիթով. «Ave Maria, Ave Maria»

0
0

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր Այնճարի «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցիին մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան ս. պատարագ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչին` Շարլ Ազնաւուրի (1924-2018) մահուան եօթնօրեային առիթով:

Տօնական մթնոլորտին մէջ էին ժամուորները, որովհետեւ այսօր մեր եկեղեցիին անուանակոչութեան տօնն է նաեւ, քանի ամբողջ աշխարհին մէջ Տիեզերական եկեղեցիին հետ կը տօնախմբեն «Ս. Վարդարանի Տիրամայր»-ը:

Պատարագիչ վարդապետին քարոզը ունէր երկու բաժիններ, որոնց, սակայն, սիրանիւթն էր Մարիամ Ս. Կոյսը` «Հայոց խնկելի Աստուածածինը»: Առաջին բաժինին մէջ ուրուագծեց վարդարանեան տօնին պատմականն ու նշանակութիւնը:

Յոնիական ծովուն Պատրաս ծոցին մէջ, Լեփանթօ նեղուցքին մօտ, «Սուրբ դաշնակցութիւն»-ը, հարաւային Եւրոպայի թագաւորութիւններէն, դքսութիւններէն, իշխանութիւններէն, նահանգային ու քաղաքային հասարակապետութիւններէն կազմուած կաթողիկէ ծովուժը` Ս. Պիոս Ե. պապին (1566-1572) նախաձեռնութեամբ ու Սպանիոյ առաջնորդութեամբ, 7 հոկտեմբեր 1571-ին ճակատեցաւ Օսմանեան կայսրութեան սարսափազդու նաւատորմիղին դէմ: Հինգ ժամ տեւած արիւնահեղ ծովամարտը կ՛աւարտի կաթողիկէ ուժերուն շատ դժուար, բայց ջախջախիչ յաղթանակով` Տոն Խուան տը Օսթրիա (1547-1578) երիտասարդ ու յանդուգն իշխանին վերին հրամանատարութեամբ:

Յաղթանակը կասեցուց օսմանցիներուն աշխարհակալ յառաջխաղացքը: Անոնց յաղթութեամբ արեւմտեան Եւրոպան պիտի նուաճուէր… Անպարտելի հռչակուած օսմանեան բանակը կորսնցուց իր այս յաղթակերտ հմայքը…

Ի՞նչ էր կրօնականը Լեփանթոյի մէջ: Նաւատորմիղին համար պապին օրհնած դրօշը Նափոլիի Ս. Քլարա պազիլիքին մէջ յանձնուեցաւ Խուան տը Օսթրիային, 14 օգոստոս 1571-ին, վերափոխեալ Տիրամօր տօնին նախօրեակին: Քահանայապետին կոչին վրայ Եւրոպայի հաւատացեալները դիմեցին աղօթքի եւ յատկապէս վարդարանին: Հոկտեմբեր 7-ը կիրակի էր: Մատուցուած ս. պատարագին յաջորդեց ազդանշանը յարձակումին: Ծովակալներէն մէկը իր խուցին մէջ զետեղած էր Կուատըլուփի Տեսլամօր (1531) հրաշագործ սրբանկարը: Յաղթութիւնը իրաւացիօրէն վերագրուեցաւ Մարիամ Ս. Կոյսին միջամտութեան: Ի յիշատակ այս յաղթանակին` 1573-ին հաստատուեցաւ «Տիրամայր յաղթութեանց» շնորհակալութեան տօնը, որ եղաւ «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» տօնը:

Արդ, յստակացաւ, թէ ինչո՛ւ հոկտեմբերը Ս. Վարդարանի Տիրամօր ամիսն է, ուստի նուիրական ամիսն է մարեմասէրներուն: Պիոս Թ. պապը 28 յուլիս 1868-ին հաստատեց զայն իբրեւ վարդարանեան ամիս, որուն սովորութիւնը սկսած է Սպանիոյ մէջ:

ԺԵ. դարէն սկսեալ մինչեւ օրս օտարազգի եւ հայ անխտիր բոլոր սուրբերը, սրբակեացները, աշխարհական ու կղերական մարեմականները աղօթեցին եւ կ՛աղօթեն վարդարանը: Աղօթեցին ու կ՛աղօթեն, պարզապէս որովհետեւ վարդարանը Տիրամօր ամէնէն աւելի սիրած ու յանձնարարած աղօթքն է:

Աղօթեցին եւ կ՛աղօթեն, պարզապէս, որովհետեւ սիրեցին ու կը սիրեն, յարգեցին եւ կը յարգեն Կուսամայրը: Այդ սիրողներէն ու յարգողներէն մին է Շարլ Ազնաւուր` բանաստեղծը, երգիչը, երբ յատկապէս կը կարդանք եւ կը լսենք անոր գրած-երգած «Ave Maria, Ave Maria»-ն: Արդէն պատարագիչ վարդապետին քարոզին երկրորդ բաժինին հասանք:

Շ. Ազնաւուրի 1978-ին գրած «Ave Maria, Ave Maria»-ն եղանակաւորեց Գէորգ Կառվարենցը (1892-1946) ծանօթ բանաստեղծի որդին` Ժորժ Կառվարենցը (1932-1993), բազմահարիւր երգերու եւ ժապաւէններու համար հռչակեալ յօրինողը, որ նոյնպէս երգահանն է «Ils sont tombés-Անոնք ինկան» (1974) եւ «Pour toi Arménie-Քեզի համար, Հայաստան» (1989) ազնաւուրեան քերթուածներուն, նուիրուած` Հայոց ցեղասպանութեան ապրիլեան նահատակներուն եւ 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժի զոհերուն:

Ո՛վ գիտէ, քանի քանի՛ անգամներ «Ave Maria, Ave Maria»-ն` հայատրոփ փառատրանքի եւ աղաչանքի երգաղօթքը, իր ծնունդէն մինչեւ այսօր հնչեցուցած է Շ. Ազնաւուր, եւ այն` ձայնասփիւռներէն, հեռատեսիլներէն, միջազգային երգասրահներէն, առանձին ու ընկերակցութեամբ աշխարհահռչակ արուեստագէտներու եւ երգչախումբերու հետ… Առաւել, չեմ գիտեր յաճախակիութիւնն ու թիւը այն մեծահամբաւներուն, որոնք երգեցին մեր երկու ֆրանսահայերուն «Ave Maria, Ave Maria»-ն: Անոնց մէջ գլխաւորագոյնն է Փլասիտօ Տոմինկոն` սպանացի մեքսիքաբնակ թենոր հսկան: Ունկնդրած եմ անոր սքանչելի ու ջերմեռանդ մեկնաբանութիւնը` մեր հայաշունչ «Ave Maria, Ave Maria»-ին:

Ի դէպ, 1994-ին, Վիեննայի մէջ Փլասիտօ Տոմինկօ եւ Շ. Ազնաւուր իբրեւ զուգերգ` հիանալիօրէն մեկնաբանեցին «Նոէլ տ՛օթրֆուա»-ն. անոր մէջ ներկայ է Մարիամ Ս. Կոյսը, որուն, կը խոստովանի Շ. Ազնաւուր, կ՛երթայինք թախանձելու եւ աղօթելու մեծ մոմերով լուսաւորուած եկեղեցիին մէջ…

Ամէն անգամ` խո՛ր ապրումով եւ վարակի՛չ յուզականութեամբ, որ ակնբախ ցուցանիշն է հեղինակ-երգիչին համոզումին, սիրոյն ու հաւատքին: 5 մայիս 1979-ին «Ուազօ տը նուի» պատկերասփիւռային յայտագիրին մէջ «Ave Maria, Ave Maria»-ն երգելէ ետք, զուիցերիացի Պեռնար Փիշոն հանրայայտ հաղորդավարին հարցումին պատասխանեց անկեղծօրէն` «Ես հաւատացեալ մըն եմ, որ կը տարակուսի»: Բայց, խնդրեմ, ո՞ր հաւատացեալ մարդը չունի տարակուսանք…

Շ. Ազնաւուրի մահէն ետք սփռուած անոր կեանքը յուշապատմող բազմահարիւր նկարներուն մէջ ամէնէն գեղեցիկներէն եւ առինքնողներէն են անոր ջերմեռանդ մոմավառութիւնները այս կամ այն եկեղեցիին մէջ, բայց յատկապէս` հայկական տաճարին մէջ… Վերի թուականէն տաս տարիներ առաջ, 20 ապրիլ 1969-ին, «Charles Aznavour INCONNU-1969» խորագրեալ տեսակցութեան ընթացքին, Շ. Ազնաւուր քանիցս շեշտեց` «Je suis croyant» (Ես հաւատացեալ եմ): Ունէր, սակայն, իր վերապահումները տարակուսական…

Ազնաւուրեան ապրումով եւ յուզականութեամբ, այո՛, հաւատքով երգուած «Ave Maria, Ave Maria» խլրտեց ու յուզեց միլիոնաւորներ երկրագունդին վրայ: Օրինակ` YouTube-էն 30 յունիս 2007-ին ձայնապատկերասփուած երգը, հնչուած բառերուն համապատասխան մարդ էակին կեանքէն առնուած լուսանկարներով եւ Ֆրանքօ Զեֆֆիրելլիի «Ճիզըս աֆ Նազարէթ» դիպաշար ժապաւէնէն (1977) Մարիամ Կուսամայրը ներկայացնող Օլիվիա Հիւսէյ դերասանուհիին տպաւորիչ պատկերներով համադրուած դասաւորումին մէջ, երեքուկէս միլիոնէն աւելի անձեր դիտած-լսած են «Ave Maria, Ave Maria»-ն, անշուշտ` Շ. Ազնաւուրի խորհրդագեղ կատարումով, ընկերակցութեամբ ներդաշնակ ու գեղահունչ երգչախումբին:

Գեղազան տեսանկիւններէն, անմոռանալի պիտի մնայ այն «Ave Maria, Ave Maria»-ն, զոր 77-ամեայ քնարերգակը աղօթեց 25 սեպտեմբեր 2001-ին, Ծիծեռնակաբերդին մէջ, ուր աննախընթաց պատմականութեամբ Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին կը գտնուէր Ս. Յովհաննէս-Պօղոս Բ. քահանայապետը (1920-2005). «Յուզուած եւ յուզող սրբազան պապին իմաստագեղ ու սիրաջերմ աղօթքին վերջաւորութեան աշխարհահռչակ երգիչը` Շարլ Ազնաւուր իրեն հետեւող հոն ներկայ եւ հեռատեսիլին առջեւ տրոփող սրտերէն հնչել տուաւ իր «Աւէ Մարիա»-ն: «Երգիչի կատարումը մինչեւ հոգու խորքը յուզեց բոլորին, այդ թւում նաեւ` սրբազան քահանայապետին: Երգի աւարտելուց յետոյ մեծ երգիչը ակնածանքով մօտենալով նրան` համբուրեց աջը եւ ստացաւ հայրական օրհնութիւնը» (հոն գտնուած ականատես մը):

Անկասկած, ոչ միայն եղանակը, ապրումը, զգացումն ու հաւատքը յուզեցին, այլ նաեւ ու մանաւանդ` «Ave Maria, Ave Maria» քնարերգութեան բառերը եւ անոնց իմաստներն ու ճշմարտութիւնները, որոնք Շ. Ազնաւուր կ՛արտայայտէ իր այս մարեմագով քերթուածին մէջ:

Ի դէպ, «Ave Maria» երեք անգամ կ՛ողջունուի Շ. Ազնաւուրի «La Mamma» իմաստագեղ քերթուած-երգին մէջ, ուր մայրասէր քնարերգուն Ս. Կոյսը իրաւացիօրէն կը հռչակէ «Շնորհալիրը», որուն արձանին առջեւ հայ մայրը  կ՛աղօթէ պաղատագին, ինչպէս ալ Անոր կ՛երգէ հրեշտակային ողջունատրութիւնը` առլցուն գորովով եւ յուշերով…

Երբ կը յիշեցնեմ, որ «Charles Aznavour INCONNU-1969» վերտառեալ տեսերիզին մէջ կը տեսնուին քրիստոսակիր Տիրամօր գոնէ երկու մեծ արձաններն ու տարբեր մարեմեան սրբապատկերներ (icon), կը փափաքիմ մտաբերել տալ, որ, ի վերջոյ, Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան պատանին` ապագայ Շարլ Ազնաւուրը, եղած է Մխիթարեան հայրերուն աշակերտը, Սեւրի մէջ, Փարիզ:

«Elle va mourir la Mamma
Ան պիտի մեռնի` Մայրիկը,

Sainte Marie pleine de grâces
Սրբուհի Մարիամ լի շնորհօք,

Dont la statue est sur la place
Որուն արձանը տեղն է,

Bien sûr vous lui tendez les bras
Անշուշտ դուն Անոր կ՛երկարես բազուկները`

En lui chantant «Ave Maria»
Երգելով «Ողջոյն քեզ, Մարիամ»

Ave Maria
Աւէ Մարիա,

Il y a tant d’amour, de souvenirs
Այնքան սէր կայ, այնքան յիշատակներ

Autour de toi, toi, la Mamma
Քու շուրջդ, դուն` Մայրիկը»:

«Ave Maria, Ave Maria» եռամասնեայ երգը աղօթքն է ազնաւուրեան: Առաջինը յայտարարութիւնն է Մարիամի վշտակրութեան, հասկացողութեան եւ զօրակցութեան մասին: Երկրորդին մէջ կը յայտարարէ Մարիամի մայրութիւնն ու մասնակցութիւնը Որդիին` Յիսուսի կատարած փրկագործութեան: Երրորդով  կը հայցէ Մարիամի լուսաւորչութիւնն ու առաջնորդութիւնը:

Երգիչը կրկնապէս կ՛ողջունէ Մարիամը` ձայնելով, թէ տառապողները կը դիմեն Անոր, որ այնքան տառապեցաւ: Մարիամ կը հասկնայ անոնց թշուառութիւնները: Դեռ աւելի՛ն. նաեւ անոնց խեղճութիւններուն մասնակից է Ան` սրտոտ Մարիամ:

Իր նկարագրած հերոսուհիէն հմայուած` Շ. Ազնաւուր երկրորդ անգամ կ՛ողջունէ զայն` դաւանելով թէ՛ Մարիամի  մայրութիւնը` մարդկութեան ու թէ՛ Մարիամի անարատութիւնը, ինչպէս նաեւ` ճիշդ յայտարարելով, որ լացողները զաւակներն են Անոր, որ տուաւ-զոհեց իր Որդին` լուալու համար մարդերն իրենց աղտերէն:

Մարիամը` Մաքո՛ւրը Շ. Ազնաւուր կ՛ողջունէ երրորդ անգամ սրտաբուխ աղաչանքին իր բառերով: Տարակուսողները, որոնք խաւարին մէջ կը խարխափեն, Տիրամայրը թող լուսաւորէ իրենց կենսուղին, որուն վրայ թող բռնէ անոնց ձեռքերէն:

Ստոյգ իր դաւանումներուն ճշմարտութեան եւ իր խնդրանքներուն ստացումին` Շ. Ազնաւուր, իր Սիրամայրը չորրորդ անգամ ողջունելէ ետք, կ՛աւարտէ իր աղօթերգը շեշտելով եւ հաստատելով` «Ամէն»:

Պահն է, որ իւրաքանչիւր հայ երգէ՜, աղօթէ՜, գովէ՜ եւ հայցէ՜ արդէն յաւերժութեան սեմը թեւակոխած մե՛ր բանաստեղծ-քնարերգակին մտքով, սրտով ու հաւատքով.

«Ave Maria Ave Maria
Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ, Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ,

Ceux qui souffrent viennent à toi
Անոնք, որոնք կը տառապին, կու գան Քեզի,

Toi qui as tant souffert
Քեզի, որ այնքան տառապեցար,

Tu comprends leurs misères
Դուն կը հասկնաս անոնց թշուառութիւնները

Et les partages
Եւ բաժնեկից կը դառնաս անոնց

Marie courage
Սրտոտ Մարիամ

Ave Maria Ave Maria
Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ, Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ,

Ceux qui pleurent sont tes enfants
Անոնք, որոնք կու լան, զաւակներդ են,

Toi qui donnas le tien
Դուն, որ տուիր Քուկդ (Որդիդ)

Pour laver les humains
Լուալու համար մարդերը

De leurs souillures
Իրենց աղտերէն

Marie la pure
Մարիամ` Մաքուրը

Ave Maria Ave Maria
Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ, Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ,

Ceux qui doutent sont dans la nuit
Անոնք, որոնք կը տարակուսին, գիշերին մէջ են,

Maria
Մարիամ

Éclaire leur chemin
Լուսաւորէ անոնց ճամբան

Et prends-les par la main
Եւ զանոնք բռնէ ձեռքէն

Ave Maria, Ave Maria, Ave Maria
Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ, Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ, Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ,

Amen
Ամէն»:

Ստուգիւ, իրաւացիօրէն, եթէ «Ֆրանսայի մէջ բանաստեղծները երբեք չեն մահանար» (նախագահ Է. Մաքրոն), ապա մարեմականները արդարօրէն ու գերազանցօրէն կ՛անմահանան իրենց Մօր հետ` Փրկիչ Յիսուս Որդիին յաւիտենականութեան մէջ…

Այնճար, 7 հոկտեմբեր 2018

Առանց Վերնագրի

0
0

Երեք շաբաթ առաջուան Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները յիշողութեանս բերին, որ անցեալ տարի նոյն օրերուն Երեւան կը գտնուէի: Երբ Հայաստան գտնուինք, մեր խանդավառ տրամադրութեան մէջ կ՛ուզենք լաւատեսութեամբ խօսիլ եւ պատմել միայն անոր գեղեցկութիւններուն մասին: Չի նշանակեր, որ չենք տեսներ նաեւ տգեղ երեւոյթները, սրբագրելի կողմերը, պարզապէս քիչ անգամ կ՛անդրադառնանք անոնց…

Այդ օրերուն մտադրած էի տուն վերադարձիս տպաւորութիւններս հարազատութեամբ հրապարակել անոնց համար, որոնք` պիտի ուզեն կարդալ` «Երկու աշխարհ տեսայ Հայաստանի մէջ» խորագրով: Բայց… ժամանակը անցաւ, եւ մտադրութիւնս չիրականացուցի: Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն եւ նախընտրական քարոզարշաւի ազդեցութեան տակ տպաւորութիւններս վերակենդանացան եւ մղեցին, որ գրի առնեմ զանոնք:

Երկու Աշխարհ Տեսայ Հայաստանի Մէջ.

– Տեսայ Երեւանի շքեղ հրապարակներն ու կեանքով լեցուն պողոտաները. տեսայ նաեւ շէնքերու արանքներուն թափթփած աղբակոյտեր, շէնքերու կռնակի-ետեւի բակերուն լքուածութիւնն ու կիսաւեր պատշգամները:

– Տեսայ հիւրանոցներուն, թանգարաններուն, մայրաքաղաքի փառաւոր ճաշարաններուն մէջ աշխատող, ապագայի երազներով երիտասարդներ-ուսանողներ. նաեւ` ճամբաները շրջող աներազ մամիկներ-պապիկներ, որոնք իրենց հին գիրքերը կը վաճառէին օրուան հացը ապահովելու համար:

– Տեսայ սքանչելի նոր շինութիւններ, դղեակի նմանող հարուստ ու շռայլ տուներ. նաեւ, պողոտաներու ետին, թաղերու մէջ գունատ բնակարաններ, հնացած մուտքերով ու փճացած պատերով:

– Տեսայ Սարեանի, Թումանեանի, Չարենցի խնամուած տուն-թանգարանները: Տեսայ նաեւ  Արամ Մանուկեանի պատմական բնակարանին կիսափլատակ ու ամօթալի վիճակը, անոր քանդուած ներքնայարկը, դուռն ու պատուհանները, ուր բոյսեր աճած էին:

– Տեսայ սեփական գործ յաջողցուցած հայրենադարձ սփիւռքահայեր. իսկ լսեցի նաեւ չոր միրգերու շուկայի մօտ հրապարակին թաքսիի վարորդէն. «Քուրի՛կ ջան, ամէն առտու շատ կանուխ. այս հրապարակին վրայ կը տեսնես, թէ տուն-ընտանիք-հարազատ թողած` տասնեակներով երիտասարդներ ավթոպուսներով կը մեկնին  Ռուսաստան` աշխատանքի համար»:

– Տեսայ ամերիկեան տիպի թանկ սուփըրմարքեթներ եւ բազմատեսակ արտադրութիւններով գոց շուկաներ. նաեւ` թրքական աժան ապրանքներով լիքը խանութներ:

– Տեսայ մեր հրաշք բնութիւնը դէպի Դիլիջան` կանաչ լեռները, վերանորոգուած գիւղերն ու զբօսաշրջիկներու համար կառուցուած վայրերը. նաեւ` Գիւմրիէն Ապարան ճամբուն երկայնքին, չոր ու վայրի բնութեան  մէջ ամայացած ու մելամաղձոտ գիւղերը, ծախու հողամասեր եւ բնակարաններ:

– Տեսայ Աբովեան քաղաքի նորովի խնամուած պողոտաները եւ նորակառոյց մեծ ու տպաւորիչ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին, նաեւ տեսայ դէպի մեր հնաւանդ Անիի սահմանը տանող փոշոտ ճամբուն վրայ հին եկեղեցիի նմանող լքուած կառուցուածքը, որուն շուրջ հաւեր կը թափառէին կտկտալով:

* * *

Անցեալ տարիէն այսօր շատ բան փոխուած է Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ, հետը բերելով նոր յոյս, աւելի լաւ օրերու ակնկալութեամբ:

Յոյսն ու ապագայի լաւատեսութիւնը կը պոռթկային Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ընթացքին:

Մենք` հեռու եղողներս, լրատուական միջոցներու եւ ընկերային ցանցերու ընծայած միջոցներու շնորհիւ հաղորդ դարձանք անցուդարձերուն եւ տպաւորուեցանք երիտասարդներու աշխուժ մասնակցութենէն:

Սիրեցի յատկապէս ՀՅԴ երիտասարդ աւագանիի թեկնածուներուն ու անոնց աջակցող տղոց ու աղջիկներուն թարմ դէմքերը, անոնց պարզ ու անկեղծ նայուածքը, խօսքի հարազատութիւնը, առաջարկները, իրենց քաղաքին հանդէպ ունեցած սէրը եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու պատրաստակամութիւնը: Անոնք նոր շունչ ու ներարկում կը խոստանային մայրաքաղաքին:

Երիտասարդական այդ շունչն ու թարմութիւնը թող վարակեն  Հայաստանի բոլոր քաղաքները, աւաններն ու գիւղերը եւ նոր յոյս տան բոլոր հայերուն:

Յոյս, որ Հայաստանը պիտի պարզէ բարգաւաճող մէկ պատկեր, մէ՛կ «աշխարհ»` ընկերային արդարութեամբ, իրաւական պետութեամբ եւ ժողովրդավար համակարգի տակ զարգացող:

Յոյս, որ պիտի չվերածուի յուսախաբութեան:

Պատասխանատուութիւնը իւրաքանչիւր քաղաքացիին է:

Պատասխանատուութեան իր բաժինը իւրաքանչիւրին` սկսեալ երկրի թիւ մէկէն, Ազգային ժողով-խորհրդարանի աթոռներուն արժանացած 105-էն, մինչեւ վերջին ամենափոքր գիւղի քաղաքացիին եւ սփիւռքի մէջ ապրող հային:

Աթէնք, 9 հոկտեմբեր 2018

Իշխանութեան Ներքին Տրամաբանութենէն Կրնա՞յ Դուրս Մնալ Չարաշահումը

0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մենք շատ կը գրենք եւ կը խօսինք մեր «փոքր ածու»-ին մէջ յայտնուող զանազան չարաշահումներու մասին: Կարծէք` գիւտ կ՛ընենք: «Կոռուպցիա»-ն` չարաշահման, կաշառակերութեան, դիրքի շահագործման եւ կողոպուտի իր տարբեր արտայայտութիւններով դարձած է անշրջանցելի եզրը մամուլի, լրատուութեան եւ քաղաքական ճառերու, հոն, ուր իշխանութիւն կայ: Եթէ երբեմն ինքնաքննադատական մօտեցում ցուցաբերենք, պիտի տեսնենք, որ չարաշահումը պատմական եւ համամարդկային ընթացք է` հակառակ եղած քննադատութիւններու, յեղափոխութիւններու, պատերազմներու, դատարաններու եւ կառափնատներու:

Փտածութիւններ եղած են եւ կան բոլոր երկիրներուն մէջ` տարբեր համեմատութիւններով: Անբուժելի վարակի պէս, հակառակ յայտարարուած պայքարներուն եւ պատիժներուն:

Հայերս, երբ այս երեւոյթին մասին խօսինք, կը կարծենք, որ նոր օրերու մարգարէ ենք: Իշխողը` անհատ կամ խմբաւորում, միշտ տարուած է անտեսելու, արհամարհելու եւ շահագործելու իր հպատակները եւ քաղաքացիները, որոնք յաճախ կը պատշաճին կացութեան, ամէն օր յեղափոխութիւն չեն ըներ: Կարծէք` իշխանութեան մկրտութեան աւազանին մէջ է խաթարումը: Համեստ եւ իրատես կը դառնանք, եթէ յաճախենք «մեծերու» դպրոցը, ինչպէս երբեմն կ՛ըսեմ եւ կը գրեմ: Փտածութիւնը (կոռուպցիա) ընթացիկ եւ սովորական երեւոյթ է ընկերութիւններու մէջ: Ան եղած է պատմութեան մէջ, ոչ մէկ ընկերութիւն անկէ զերծ մնացած է: Ան կայ նաեւ այսօր: Հայկական իւրայատկութիւն չէ: Այս հաստատումը ո՛չ յոռետեսութիւն է եւ ո՛չ ալ յուսահատութեան խոստովանութիւն: Պարզապէս` իրատեսութիւն, որ չի նշանակեր ձեռնածալ մնալ:

ԺԸ. դարու իմաստասէր Մոնթեսքիէօ խօսած եւ գրած է օրէնքներու մասին, իր միտքերը նախապատրաստած են ֆրանսական Մեծ յեղափոխութիւնը: Օրէնքի մասին իր գիրքը` «Օրէնքներու ոգին» (L՛esprit des Lois) դասական է, ըմբռնելու համար օրէնքները եւ կառավարումները, անոնց յարաբերականութիւնը: Մոնթեսքիէօ ունի խիստ դիպուկ արտայայտութիւն մը, որ այսօր ալ այժմէական է. «Ամէն մարդ, որ իշխանութիւն ունի, հակուած է զայն չարաշահելու» (Tout homme qui a du pouvoir est porté à en abuser): Յիսուս ալ ըսած էր. ան, որ երբեք չէ մեղանչած,  թող նետէ առաջին քարը… Քաղաքականութիւնը տոնքիշոթութիւն պէտք չէ խաղայ` հաւատալով եւ հաւատացնելով, որ ամէն տեսակի չարաշահումներուն դէմ պայքարելով` զանոնք արմատախիլ պիտի ընէ:

Մարդուն եւ ընկերութեան ինքնաընծայուած միակ կարելիութիւնը ողջմտութեամբ եւ արդարամտութեամբ չափի եւ սահմանի օրէնքներու որդեգրումն է պետութեան մը բոլոր օղակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ բոլոր տեսակի կազմակերպութիւններու` բարեսիրական, ընկերային, քաղաքական, միութենական: Օրէնքը կը նմանի պատշգամի բազրիքին, վար չիյնալու համար, ֆրանսացի կ՛ըսէ` «garde-fous»: Ամէնէն աչքառուն պետական մակարդակով չարաշահումն է, զոր չափաւորելու եւ սահմանափակելու համար անհրաժեշտ են օրէնքներ եւ այդ օրէնքներով գործող համապատասխան կառոյցներ: Այս մտահոգութեամբ եւ գիտակցութեամբ է, որ հետեւելով Անգլիոյ` բազմաթիւ երկիրներ որդեգրած են իշխանութեան եւ կառավարման բաժանումը երեք գլուխներու տակ` օրէնսդրական, արդարադատական եւ գործադիր, որ ընդունուած կարգ է ժողովրդավարական երկիրներու մէջ: Այս համակարգով թագաւորը (կամ իշխանաւորը) չի կրնար ըսել, որ «ես եմ պետութիւնը» (L՛Etat c՛est moi)` հետեւելով ֆրանսայի Լուդովիկոս ԺԴ. թագաւորի խօսքին:

Միամիտ պէտք չէ ըլլալ. իշխանութիւն ձեռք բերելու եւ զայն պահելու համար անխուսափելիօրէն պիտի ըլլան, կ՛ըլլան զանազան բնոյթի չարաշահումներ: Ֆրանսացի մեծ գրող եւ թատերագիր Հանրի տը Մոնթերլան արագ եւ խիտ տարազումով բնորոշած է կացութիւնը: Կ՛ըսէ. «Չկայ իշխանութիւն: Կայ իշխանութեան չարաշահում, ուրիշ ոչինչ» (Il n՛y a pas le pouvoir. Il y a l՛abus de pouvoir, rien d՛autre): Այսինքն իշխանութեան գոյութեան եւ անոր պահպանման պայմանը չարաշահումն է, ծննդոցի եւ շարունակման, ի՛նչ ալ ըլլան թատերական եւ բարոյախօսական ճապկումները` հակառակը ըսելու: Նոյնքան լուսաբանող է անգլիացի քաղաքական դէմքի` Լորտ Աքթընի դիպուկ տարազը, ըստ որուն` «Ամէն իշխանութիւն կ՛եղծանէ: Բացարձակ իշխանութիւնը բացարձակօրէն կ՛եղծանէ»: Յիշել` Ստալինը, Հիթլերը, բոլոր բացարձակ իշխանութիւն հաստատած մենատէրերը, անցեալի եւ ներկայի, մոլորակի այս կամ այն շրջանին մէջ:

Իշխանութեան չարաշահման դրսեւորումները բազմաթիւ են, որոնք ծանօթ են, լրատուամիջոցները լայնօրէն կ՛անդրադառնան անոնց մասին. պաշտօններու իւրացում եւ բաժանում ընտանիքի անդամներու եւ ընկեր-բարեկամներու, պատասխանատուութիւններէ եւ պարտականութիւններէ խարդախութեամբ զերծ կացուցում, օրինակ` տուրքէ, տուգանքէ, դատական հետապնդումէ, զաւակներու համար ազգային-զինուորական ծառայութենէ խուսափում, ազդեցութեան բանեցում` վարձատրութեան փոխարէն եւ անպատժելիութեան հաստատում: Կը խօսուի բացայայտուած պարագաներու մասին միայն, իսկ ուրիշներ կը մնան ծածուկ, յաճախ` մեղսակցութիւններով: Այսինքն հանրային կարծիքը տեղեակ կ՛ըլլայ սառցալերան ծփացող-երեւցող մասին, իսկ մեծ մասը կը մնայ թաքուն, ջուրին տակ:

Օրէնքներով եւ կանոններով կարելի է սահմանափակել բոլոր տեսակի չարաշահումները եւ անոնց տարողութիւնը` գիտնալով, որ անոնք այլ տեղ եւ այլ ձեւերով պիտի շարունակուին: Երբ իշխանափոխութիւն տեղի չ՛ունենար, անգիտակցաբար եւ աստիճանաբար կը հաստատուի զանազան ձեւերով եւ արդարացումներով բացարձակ իշխանութիւն, եւ չարաշահումները հետզհետէ նուազ հակակշռելի կ՛ըլլան:

Որքա՜ն փափաքելի պիտի ըլլար, որ մեր «փոքրիկ ածու»-ն զերծ ըլլար ամէն կարգի բացասականութիւններէ, չարաշահումներէ: Ասիկա բարեմիտի ցանկութիւն է: Այդպէս չէ եւ այդպէս պիտի չըլլայ: Բայց պէտք է տեւաբար ձգտիլ հակակշռի, կանխարգիլման եւ բարոյականացման կառոյցներու ստեղծման, որոնք մշակուած են եւ կան ուրիշ երկիրներու մէջ:

Դժբախտաբար ամէն օր չեն ծնիր անանձնական մարդիկ, ինչպէս` Կանտի մը, եւ մեր «փոքրիկ ածու»-ին մէջ յայտնուած լուսաւոր դէմքեր, ինչպէս` Սիմոն Զաւարեան մը, Նիկոլ Աղբալեան մը, Արամ մը: Անոնց կենցաղի յիշեցումները զանգուածներուն կանխարգիլող օրէնքէ մը աւելի մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ:

Կանխարգիլման մշակոյթ պէտք է ստեղծել օրէնքներով եւ անձի օրինակով, նոյնիսկ եթէ անձի օրինակը գտնել եւ անոր հետեւիլ քիչ մը երազել համարուի…

Եւ երբեմն ալ` լսել բանաստեղծութիւն եւ բանաստեղծ, նոյնիսկ երբ քաղաքականութիւն կը խաղանք նիւթական աշխարհի սեւ կուպրով պատուած մայրուղիներուն վրայ, կրկնել բանաստեղծին հետ, որպէսզի հոգիները մաքրուին ծինային-գենետիկ ախտէ, ոմանք կ՛ըսեն` յեղափոխութիւն, Պղատոն կ՛ըսէր` catharsis.

Օգնիր ինձ կեանքում ուղիղ ընթանալ,-
Եթէ քնած եմ` քնից արթնանալ,
Թէ դուռը բաց է` ի զուր չբանալ,
Եղածով երբեք չհանգստանալ
Եւ չասել, թէ իմ արածն արեցի:
Բանաստեղծը`  Եղիշէ Չարենց…

29 օգոստոս 2018, Երեւան

 


Անդրադարձ Հայաստանի Հանրապետութիւն` 100-ամեակ Հանրապետութեան Կերտումը Եւ Իրաւական Քարտէսները

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ     

Անկախութիւնը իրաւունք է, հայրենիքը բնօրրան է, բնակավայր է, հող է, ժառանգութիւն է, արիւն եւ քրտինք է, ժողովուրդ է, բանակ է, պատմութիւն է, արդիւնք` բազմակողմանի եւ դարաւոր յարատեւ աշխատանքի եւ պայքարի: Կ՛արժէ քարտէսներու միջոցով եւ ընդհանուր ակնարկով, իրազեկ դառնալ անկախութիւնը նախորդող հայ ժողովուրդին դիմագրաւած ճգնաժամերուն եւ յաղթանակին` ահաւոր մարդկային, հողային եւ ունեցուածքներու կորուստներէն ետք: Համաշխարհային Ա. պատերազմին մասնակից եւ եղելութեան ականատես երկիրներուն` Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ ցարական, ապա Խորհրդային Ռուսիոյ եւ այլոց աչքերուն առջեւ, Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ենթարկուելէ եւ բազում դաւադրութիւններէ ետք, Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան կերտումը ու զայն նախորդող զարգացումները կը ներկայացուի քարտէսներով:

1. 1918 յունիս 4-ի Պաթումի դաշնագիրով ճանչցուած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները շուրջ 12 հազար քառ. քմ` կարմիր ուրուագիծ (տպագիր` հաստ եւ սեւ) (տպագիր` հաստ եւ սեւ) եւ` այժմու սահմանները:

Համաշխարհային Ա. պատերազմը (28 յոլիս 1914-11 նոյեմբեր 1918) իր ահաւոր, կործանարար ու անմարդկային հոլովոյթով առիթ ընձեռեց պողպատեայ կամքով հայ ժողովուրդին նաեւ զէնքի՛ ուժով տիրանալու` սկիզբը փոքր տարածքով ազատ եւ անկախ պետականութեան` 543 տարիներու (1375-1918) ստրկութենէն ետք: Կայսրութիւններու պատերազմ էր: Սկսող կողմը Առանցքի ուժերն էին` Գերման եւ Աւստրօ-հունգարական կայսրութիւնները, որոնց միացան Պուլկարիան եւ Օսմանեան կայսրութիւնը, իսկ հակառակորդ գլխաւոր կողմը Դաշնակից ուժերն էին («Անթանթ»)` կայսրութեան համազօր գաղութատիրական Ֆրանսան եւ Անգլիական ու Ռուսական կայսրութիւնները, մինչեւ 1917, ապա տարբեր ժամանակներ անոնց միացան 11 երկիրներ, որոնց մէջ Ամերիկան` 6 ապրիլ 1917-ին:

Թիւ 1 քարտէսը կը ներկայացնէ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի նաեւ Պաքուի եւ Ղարաբաղի թրքական յարձակումներուն դէմ ինքնապաշտպանական հերոսամարտերուն արդիւնքը` 1918 մայիս 28-ի Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ 12 հազար քառ. քմ պաշտպանուած տարածքը, կորիզը, հիմնաքարը` միացեալ, ազատ, անկախ Հայաստանին, որուն սահմանները միջազգայնօրէն ամրագրուած էին, նախ Պերլինի վեհաժողովով եւ ապա` Սեւրի դաշնագիրով:

2. Հայկական 6 վիլայեթները 1878-ի Պերլինի վեհաժողովի բարեփոխումներէն ետք

Թիւ 2 քարտէսը իրականութեան մէջ հայկական պահանջատիրութեան արդիւնքն է: 1878-ի Պերլինի խորհրդաժողովին, միջազգային ընտանիքին եւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ընդունուած եւ ճանչցուած է: Այս քարտէսը կը ներկայացնէ հայկական 6 վիլայեթները (նահանգ), հիմնաքարը,  ելակէտը` ապագայ անկախ Արեւմտահայաստանի. այսպէս, մօտաւորապէս արեւմուտքէն արեւելք` Սեբաստիոյ (Սվազ), Խարբերդի (Սամուրեթ-ուլ-Ազիզ), Կարնոյ (Էրզրում),  Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր), Բաղէշի (Պիթլիս), եւ Վանի նահանգները (1): Անշուշտ մեծ թիւով հայեր կ՛ապրէին յատկապէս նա՛եւ Կիլիկիոյ, Տրապիզոնի եւ Պոլսոյ նահանգներուն մէջ: Պէտք է նշել, որ 20 յունուար 1914-ի օսմանեան-ռուս-գերման բարենորոգման ծրագիրով Տրապիզոնի նահանգն ալ պիտի աւելնար այս 6-ին վրայ, «Սակայն գերմանացիները, որոնք թաքուն կերպով Թուրքիոյ շահերը կը պաշտպանէին, մերժեցին ստորագրել համաձայնագիրը», կ՛ըսէ Սիմոն Վրացեան(2):

3. 1914-1917 ցարական Ռուսիոյ սահմանի ընդարձակումը դէպի Արեւմտեան Հայաստան` Պերլինի վեհաժողովին ընդունուած հայկական նահանգներէն մաս մը (սահմանագիծերը մատնանշուած են ուղղանկիւնի մէջ 1914 եւ 1917 թուականներով):

Թիւ 3 քարտէսը ցոյց կու տայ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ցարական Ռուսիոյ յառաջխաղացքը դէպի Արեւմտեան Հայաստան` մօտաւորապէս տիրանալով հայկական վիլայեթներէն Վանի ամբողջ եւ Կարին ու Բաղէշ նահանգներու մէկ մասին եւ Տրապիզոնին` 1914-ի (կարմիր ուրուագիծ` սահմանագիծերը մատնանշուած են ուղղանկիւնի մէջ 1914 եւ 1917 թուականներով) Օսմանեան կայսրութեան հետ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանը ընդարձակելով շուրջ 450 քմ-էն շուրջ 800 քմ-ի, պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն առաջ (նարնջագոյն), սեպտեմբեր 1917-ին: Ինչպէս Սիմոն Վրացեան կը բնութագրէ, հետագային մօտաւորապէս Սեւրի դաշնագիրով որոշուած սահմանն էր այս (2):

Պէտք է նշել, որ 1 նոյեմբեր 1914-ին ռուսական կողմը սկսած էր յարձակումը հիւսիսէն դէպի Կարին եւ հարաւէն դէպի Պայազիտ: 22 դեկտեմբեր 1914-ին օսմանեան բանակը կը յարձակի Սարիղամիշի վրայ` պատերազմի նախարար Էնվեր փաշայի հրամանատարութեամբ, որ ջախջախիչ պարտութիւն կը կրէ` տալով առնուազն 90 հազար մեռեալ (ոմանք` 120 հազար), մաս մը` անօթութենէն եւ ցուրտէն: Այս պատճառով Սարիղամիշը հետագային միշտ Թուրքիոյ թիրախը դարձած է եւ կարծես բանալի քաղաքը` հետագայ զարգացումներուն (3), (4), (5), (6): Այլ պատճառ էր նաեւ, արեւմուտքէն դէպի արեւելք, իբրեւ երկաթուղիի առաջին ռազմավարական կայանը դէպի Կարս, ապա Ալեքսանտրապոլ` Կովկասի երկաթուղիներու գլխաւոր հանգոյց-կայանը, տես` քարտէս 5:

4. Անդրկովկասեան Կոմիսարիատի, ապա Անդրկովկասեան Դեմոկրատական Ֆետերաթիւ Հանրապետութեան` (կամ Սէյմ) Հայաստան, Վրաստան, եւ այժմու Ազրպէյճանի քարտէսը` 18 նոյեմբեր 1917-26 մայիս 1918 (դեղին եւ մոխրագոյն տարածքները` կեդրոնի մեծ տարածքը եւ արեւմտեան տարածքը):

Արեւմտահայաստանի եւ Կովկասի մէջ գտնուող 100 հազար հաշուող ռուսական բանակը, ռուսական յեղափոխութեան պատճառով, հոկտեմբեր 1917-էն սկսեալ անկանոն կերպով սկսաւ լքել ճակատը եւ տուն վերադառնալ: Վրացեան կը նշէ, որ դասալիք ռուսերը նոյնիսկ կը պարտադրէին, որ հայ զինուորներն ալ լքեն ճակատը: Կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ Ա. Աշխարհամարտին շուրջ «2 միլիոն հաշուող ռուսահայութիւնը աւելի քան 250 հազար զինուոր տուաւ ռուսական բանակին (բոլոր ճակատներուն վրայ` Պալթիք ծովէն մինչեւ Ճափոն, ՅՉ)» (8), որոնց մէջ նաեւ` պատկառելի թիւով բարձրաստիճան սպաներ եւ ճակատի հրամանատարներ: Ցարը խոստացած էր ինքնավարութիւն շնորհել Արեւմտահայաստանին… որ սակայն փոխարքայ Նիքոլայ Նիքոլայեւիչը 3 յուլիս 1916-ի որոշումով դրժեց այս խոստումը եւ շրջանը վերածեց հայութեան դէմ բռնակալութեան (2):

5. Այժմու «Կուկըլ» քարտէսը, կեդրոնը` Արարատը, ուր մատնանշուած են 1914-1920 ճգնաժամի բանալի հայկական քաղաքները` Վան, Սարիղամիշ, Կարս եւ Ալեքսանդրապոլ` Գիւմրի եւ անոնց օդային հեռաւորութիւնները:

Պոլշեւիկները 15 դեկտեմբեր 1917-ին դադրեցուցին Ռուսիոյ մասնակցութիւնը պատերազմին` շուրջ 800 քմ ճակատի գրեթէ անկարելի պաշտպանութիւնը ձգելով բնիկ եւ մնացող սակաւաթիւ հայ զինուորներուն եւ շուրջ 20 հազար հաշուող հայկական կամաւորական գունդերուն, որոնք արդէն կը մասնակցէին պատերազմին: Այլ խօսքով, իւրաքանչիւր կամաւոր մարտիկի կը վիճակուէր պաշտպանել շուրջ 40 քմ սահման` առանց հաշուելու ներքին թշնամի թուրք, թաթար եւ քիւրտ բնակչութեան վտանգը: Ապա 3 մարտ 1918-ին Պրեսթ-Լիթովսքի դաշնագիրով (7) պոլշեւիկները զինադադար յայտարարելով,  պաշտօնականացուցին պատերազմէն քաշուելու իրենց որոշումը` հողային հսկայական զիջումներ կատարելով Եւրոպայէն մինչեւ Կովկաս, որոնց մէջ նաեւ` Կարս, Արտահան եւ Պաթում նահանգները,  որոնք դաշնագիրի ստորագրութեան ժամանակ կը գտնուէին հայկական եւ վրացական հսկողութեան տակ, միաժամանակ` զինուորապէս հեռանալու այդ շրջաններէն եւ անոնց ճակատագիրին միջամուխ չըլլալու խոստումով, անոնց ապագայ կարգավիճակը ձգելով շրջանի ժողովուրդներուն… Ասիկա պատճառ դարձաւ Թուրքիոյ կողմէ մայիս 1918-ին, խախտելով զինադադարը, առանց նախազգուշացման, հայկական շրջաններուն վրայ յարձակումին:

Թիւ 4 քարտէսը կը ներկայացնէ պոլշեւիկեան յեղափոխութեան պատճառով ցարական Ռուսիոյ անկումէն ետք, Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն իրենց կուսակցութիւններով հռչակած Անդրկովկասեան Կոմիսարիատը, ապա Անդրկովկասեան Դեմոկրատական Ֆետերաթիւ Հանրապետութիւնը` Հայաստանի, Վրաստանի, եւ այժմու Ազրպէյճանի քարտէսը 18 նոյեմբեր 1917-26 մայիս 1918 (դեղին եւ մոխրագոյն տարածքները)` մայրաքաղաք ունենալով Թիֆլիսը:

6. 2 դեկտեմբեր 1920-ի Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները (հաստ ու սեւ ուրուագիծ), ուր Արցախը եւ Նախիջեւանը ներառուած էին` արեւմտեան սահմանը մնալով մօտաւորապէս 1914-ի նախապատերազմեան սահմանը:

Համաշխարհային Ա. պատերազմին Թուրքիոյ պարտութենէն ետք, նոյեմբեր 1918-էն սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ազատագրեց բռնագրաւուած տարածքներէն Կարս, Արտահան եւ Սուրմալու նահանգները եւ 6 դեկտեմբեր 1920-ին Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրով ամրագրեց իր սահմանները, ներառեալ Արցախը` Լաչինով միացած եւ Նախիջեւանը: Տես` քարտէս թիւ 6:

7. Ա. Համաշխարհային պատերազմի յաղթական կողմին` «Անթանթին» կողմէ Սեւրի դաշնագիրով ամրագրուած եւ Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարարութեան վստահուած ու իր ստորագրութիւնը եւ նախագահական կնիքը կրող, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանին քարտէսը` գիւղերու եւ քաղաքներու մանրամասն նշումներով, հիմնուելով «Հարպորտ» առաքելութեան տեղւոյն վրայ կատարած աշխարհագրական եւ ազգաբնակչութեան ուսումնասիրութեան տուեալներուն եւ Հայաստանին դէպի ծով ելք ապահովելու առաջադրանքին վրայ:

Վերջապէս, շարունակելով հետապնդել հայկական ազգային-հողային պահանջները, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ, մասնակցեցաւ Ա. Աշխարհամարտի հաշուեյարդարը եղող Սեւրի վեհաժողովին եւ 10 օգոստոս 1920-ին ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը: Օրին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ժողովրդային մեծ ցնծութեամբ տօնեց այս դաշնագիրը (9)` իբրեւ միացեալ Հայաստանի անկախութեան ճանաչում, որուն արեւմտեան եւ հիւսիս-արեւմտեան սահմանները ճշդուեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի միջազգային իրաւարարութեան վճիռով, որ ցարդ կը մնայ ուժի մէջ եւ իրագործելի (10), (11), (12). տես` քարտէս թիւ 7:

Աւարտին, կը մէջբերեմ «Վէմ»-ի խմբագրականէն հատուած մը. «2018 մայիս 28-ին Հայաստանը իբրեւ պետութիւն` պարտաւոր է ողջ աշխարհին յիշեցնել, որ ինքը 1918 թուականին վերանկախանալով իբրեւ 1878 թուականէն միջազգային դիւանագիտութեան օրակարգ մտած Հայկական հարցի իրաւատէր` կը շարունակէ պահպանել իր բուն առարկայի` Արեւմտեան Հայաստանի հանդէպ իր իրաւունքները: Իսկ անոր համար 2018 թուականի մայիս 28-էն մինչեւ 2019 մայիս 28-ը հարկաւոր է հռչակել Հայաստանի Հանրապետութեան Տարի» (13):

30 օգոստոս 2018          

(1)  https://en.wikipedia.org/wiki/Six_vilayets

(2)  «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», «Զինադադար եւ «Մութ ձեռքի» աշխատանքը Կովկասում» գլուխ, էջ 63:

(8)  Նոյնը, «Համաշխարհային պատերազմը եւ հայ ժողովուրդը» գլուխ, էջ 11:

(3)  http://www.aztagdaily.com/archives/394875

(4)  http://www.aztagdaily.com/archives/396582

(5)  http://www.aztagdaily.com/archives/397834

(6)  http://www.aztagdaily.com/archives/398773

(7)  https://en.wikipedia.org/wiki/Treaty_of_Brest-Litovsk

(9)  «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 178, 21 օգոստոս 1920, էջ 2:

(10) http://www.aztagdaily.com/archives/315557

(11) http://www.aztagdaily.com/archives/359654

(12) http://www.aztagdaily.com/archives/359818

(13)  «Վէմ» համահայկական հանդէս, յունուար-մարտ թիւ 1 (61), ISSN 1829-1864, «Էդիթ Պրինտ» տպարան, Երեւան, 1918, «Մայիս 28-ն իբրեւ փորձաքար» խմբագրական, էջ 3-8:

 

Հակահայ Կրքերի Հերթական Բորբոքում Պաքւում

0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Խօսքս վերաբերում է  վերջերս` սեպտեմբերի 29-ին, Պաքւում տեղի ունեցած հանրահաւաքին, որ իշխանութիւնների թոյլտուութեամբ անցկացուել է Եասամալի քաղաքային շրջանի «Մահսուլ» կոչուող մարզա-առողջարանային համալիրի տարածքում, «Ազատութիւն Ղարաբաղին» ծայր աստիճան անհեթեթ ու յաւակնոտ կարգախօսի ներքոյ: Անհեթեթ, քանզի Ղարաբաղը, այսինքն հայոց պատմական Արցախի մի հատուածը վաղուց ի վեր ազատագրուած  ու ազատ է իր բնիկ զաւակների` հայերիս յամառ ու յաղթական պայքարի շնորհիւ եւ արդէն 27 տարի է, ինչ կառուցում, ամրապնդում է իր անկախ պետականութիւնը` յանձին Արցախի Հանրապետութեան: Ուստի միանգամայն անիմաստ ու անհեռանկար է նրա վերաազատագրման գաղափարը: Յաւակնոտ, քանզի դա չափից դուրս վեր է մեր խաշնարած հարեւանների ուժերից եւ, ինչպէս մեր ժողովուրդն ապացուցել է անցեալ դարի 90-ականների սկզբին, այսուհետեւ եւս հաստատապէս դատապարտուած է ձախողման:

Ինչ որ է: Հանրահաւաքը, որին մասնակցում էր, տարբեր աղբիւրների տուեալներով, 1500-ից մինչեւ 2000 մարդ, տեւել է ընդամէնը երկու ժամ, այսինքն` այնքան, ինչքան սահմանուել է Պաքուի գործադիր իշխանութեան հետ նախնական պայմանաւորուածութեան համաձայն: Այն նախաձեռնել էր, այսպէս կոչուած, «Ղարաբաղ» կոմիտէն, որը վերջերս է ստեղծուել Պաքւում եւ իր մէջ ներառում է Ազրպէյճանի  հանրային-քաղաքական դաշտի ընդդիմադիր թեւը ներկայացնող 17 կուսակցութիւն ու ոչ կառավարական կազմակերպութիւն: Չնայած այդ ընդդիմադիր կառոյցների թուի մեծութեանը, այնուամենայնիւ, հանրահաւաքի մասնակիցների ծայր աստիճան սակաւ թուաքանակն ակամայ յիշեցնում է «Լեռը մուկ ծնեց» հանրայայտ ասացուածքը: Ուստի իրաւացի՞ չեմ լինի, եթէ ասեմ` ողբամ զքեզ, ազրպէյճանական ընդդիմութիւն:

Բայց դա, ի հարկէ, մեր  խնդիրը չէ: Ինչպէս ասում են` մե՛զ ինչ: Դա ազրպէյճանական ժողովրդի խնդիրն է, այդ նա պէտք է ողբայ իր հանրային կազմակերպուածութեան եւ համախմբուածութեան ցածր մակարդակի համար, որ անցած երեսուն տարուայ ընթացքում, կարելի է ասել, գրեթէ զրոյական աստիճանի է իջել, եթէ այն համեմատելու լինենք անցած դարի 80-ականների վերջերի հետ, երբ միեւնոյն Ղարաբաղի հարցի կապակցութեամբ անցկացուած հանրահաւաքների մասնակիցների թիւը փոքր քաղաքներում հազարների, իսկ Պաքւում հարիւր հազարների էր հասնում: Բայց երեւի թէ 3 էական արգելակիչ գործօն հարկ եղած խմբագրման է ենթարկել ազրպէյճանական ժողովրդի հաւաքական գիտակցութիւնը:

Առաջին գործօնը Պաքւում եւ, առհասարակ, Ազրպէյճանում հայ ազգութեան քաղաքացիների բացակայութիւնն է կամ թէ խիստ սակաւաթիւ ներկայութիւնը: Այս վերջին պարագայում նկատի ունեմ խառն ամուսնութեամբ ընտանիքներում արդէն ծերացած կամ ծերութեան շեմին հասած այն փոքրաթիւ հայ կանանց, ովքեր ժամանակին ճակատագրական սխալ են գործել` իրենց կեանքն անգիտակից ու անհեռանկար կապելով ազրպէյճանցի տղամարդկանց հետ ու յաւէտ մնալով իւրատեսակ պատանդի վիճակում: Անգամ սեփական ընտանիքներում` մայրական կաթը մոռացած եւ հայ ժողովրդի նկատմամբ ատելութեամբ ու թշնամանքով առլցուն իրենց իսկ զաւակների շրջապատում: Որպէս միակ սփոփանք` նրանք, կարելի է պատկերացնել, երեւի թէ փառք են տալիս ամենակարող Աստծուն եւ կամ` Ալլահին (եթէ չբացառենք, որ վաղուց արդէն դաւանափոխ են եղել), որ չեն կիսել իրենց բախտակից այն հայ կանանց ճակատագիրը, ում ազրպէյճանցի զաւակները սեփական մայրերին ծեծ ու ջարդով վռնտել են տնից եւ կամ սպաննել: Ես անձամբ ճանաչում էի պաքուեցի մի հայ կնոջ, որ մեր թաղամասում էր ապրում, ում զաւակները ծեծելով են իրենց հարազատ մօրը հանել ու փողոց շպրտել: Խեղճ կինը մի կերպ Երեւան էր հասել: Իսկ թէ յետոյ ինչ ճակատագիր ունեցաւ, ցաւօք, տեղեակ չեմ: Եւս մէկ օրինակ: Վերջերս եմ Ֆէյսպուք ընկերային կայքում կարդացել. Հայաստանի ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանն իր Դիմատետրում ակնարկ էր հրապարակել խորհրդային բանակի զօրավար-հազարապետ Ալիկ Սարգսեանի մասին: Զրոյցի ժամանակ հայ զօրավարը նրան պատմել էր խորհրդային տարիներին իր մի վերադասի` Պաքւում տեղակայուած հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) բանակի հրամանատարի, խորհրդային շրջանի միակ ազրպէյճանցի զօրավար-գնդապետ Թոֆիկ Աղա-Հուսեյնովի հայ կնոջ հետ տեղի ունեցած դէպքի մասին: Պարզւում է, որ Պաքուի հայութեան  1990-ի յունուարեան ջարդերի օրերին ազրպէյճանցի զօրավարի որդիներն իրենց հայուհի մօրը ցած են նետել 11-րդ յարկի բնակարանից: Կարելի է տասնեակներով թուարկել  նման ողբերգական իրավիճակներ, որոնք արձանագրուել են 1988-1990թթ. Ազրպէյճանում հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան ժամանակ: Ինչ խօսք, այն ժամանակ ազրպէյճանական հանրութեան համախմբման համար, բացի հայազգի անմեղ համաքաղաքացիներին գիշատչաբար յօշոտելու  բնազդային մղումից, առկայ էր եւս մէկ ոչ պակաս գայթակղիչ թիրախ` հայերի ունեցուածքը մինչեւ վերջին թել թալանելու մղումը: Ահա թէ ինչու, ի տարբերութիւն ներկայ ժամանակների, աւելի քան քառորդ դար առաջ այդքան խիտ ամբոխուած էր ազրպէյճանական հանրութիւնը: Ինչպէս պատկերացնում ենք, այդ գործօնն այլեւս սպառել է իրեն: Չնայած` թէ՛ այն ժամանակ եւ թէ՛ հիմա` նշածս հանրահաւաքի ընթացքում, նոյն բղաւոցներն էին  Պաքւում թրատում օդը. «Ղարաբաղը մերն է», «Ղարաբաղ կամ մահ», «Մահ հայերին»:

Երկրորդ գործօնը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ 90-ականների սկզբներին սանձազերծած պատերազմում խորհրդային, ապա եւ անկախ Ազրպէյճանի կրած խայտառակ պարտութիւնն է` մի քանի տասնեակ հազար մարդկային կորուստներով հանդերձ: Բնազդային սարսափը, որ նման կարգի հանրահաւաքները կարող են վերստին յանգեցնել հայերի դէմ նոր պատերազմի, իսկ պատերազմում հալուայ չեն բաժանում, առաւել եւս` հայերի դէմ պատերազմում, վաղուց ի վեր սողոսկած ու աներեր հաստատուած է ազրպէյճանական հանրութեան սրտում ու գիտակցութեան մէջ: Այնտեղ քաջ գիտեն, որ ղարաբաղցին այլեւս այն անոք ու անպաշտպան հայը չէ, ում կարելի է գազազած ամբոխի ոտքերի տակ գցել, ճզմել ու անպատիժ սպաննել Պաքուի կամ Սումկայիթի եւ կամ մէկ այլ ազրպէյճանական բնակավայրի փողոցներում ու հրապարակներում եւ կամ` հէնց բնակարաններում: Այո՛, քաջ գիտեն, որ ղարաբաղցին այլեւս այն զինաթափ, անզէն հայը չէ, ում կարելի է խորհրդային ծախու զօրքի ու խորհրդային զէնքի ուժով բռնատեղահանել հայրենի հող ու ջրից, ինչպէս դա տեղի ունեցաւ Գետաշէնում ու ենթաշրջանի մերձակայ` Կամօ եւ Ազատ գիւղերում,  Հադրութի ու Շուշիի շրջաններում  91-ի գարնանը` «Օղակ» կոչուող հակահայ ու հակամարդկային ռազմագործողութեան ժամանակ, Մարաղայ գիւղի աւերման ու բնակիչների բնաջնջման ժամանակ` 92-ի դարձեալ գարնանը, Շահումեանի շրջանում եւ Մարտակերտի շրջանի մի ամբողջ հատուածում` 92-ի ամրանը: Ի՜նչ հեշտ էր այն ժամանակ. խորհրդային զրահամեքենաները նախապէս մտնում էին Արցախի հայկական գիւղերը, որից յետոյ ազրպէյճանական միլիցիայի յատուկ նշանակութեան ջոկատներն (ՕՄՕՆ կամ հայերէն տառադարձութեամբ` ՄՀՆՋ) էին ապահով ու անվտանգ ներխուժում. սպաննիր, ում ուզես, թալանիր, ինչքան ուզես:

Յիշում են, այն էլ` ինչպէ՜ս. ղարաբաղցին, այնուամենայնիւ, վերջին մի ճիգով ուժ գտաւ իր մէջ եւ ուղղեց մէջքը, ձեռքն առաւ կենաց ու մահու մարտերում հէնց թուրքերից իսկ խլուած զէնքը` հրացան, ինքնաձիգ, հրանօթ, զրահամեքենայ ու  հրասայլ եւ առիւծ կտրած գրոհեց թշնամուն` ջարդուխուրդ անելով  մեծ թալանի ելած հրոսակներին ու դուրս մղելով իր պապենական հողերից: Պաքւում` մեծից փոքր, իշխանաւոր, թէ շարքային, ինչ խօսք, լաւ են յիշում, որ 94-ի մայիսեան զինադադարը, ոչ, Արցախի չէ,  հէնց Ազրպէյճանի փրկութիւնն էր վերջնական պարտութիւնից ու կործանումից: Լաւ գիտեն, որ անցած քառորդ դարում մէկ օր անգամ անհոգ պարապութեան  չի մատնուել արցախահայութիւնը. իր անկախ, ինքնիշխան պետութիւնն է կառուցել, ամրապնդել եւ իր պետական բանակը ստեղծել, եւ այսօր հարիւրապատիկ, եթէ ոչ աւելի սպառազէն, պաշտպանունակ ու մարտունակ է, քան` 90-ականների սկզբներին: Իսկ զինուած հայի դէմ կռուով գնալը, անգամ ամենաարդիական զինատեսակներով հանդերձաւորուած բանակով, հաւասարազօր է անխուսափելի պարտութեան: Այդպէս չէ՞ր արդեօք 2016-ի ապրիլին, երբ պլից-քրիկի ելած ազրպէյճանական սպառազէն բանակը մի քանի օրուայ մարտերից յետոյ, մարդկային ու նիւթատեխնիկական վիթխարի կորուստներ կրելով,  ստիպուած էր խուճապահար նահանջել դէպի ելման դիրքերը: Այդպէս էր, եւ դա լաւ են յիշում Ազրպէյճանում` քաջ գիտակցելով, որ եթէ չլինէր Մոսկուայի, այսպէս ասած, հաշտարար միջնորդութիւնը, որ հէնց Պաքուի իշխանութիւններն էին աղերսել Քրեմլինից,  ապա Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հակայարձակման անցած զօրամասերը  եւս մի քանի օրուայ ոստոյնով Կուր գետի ափ  էին հասել` ազրպէյճանական գերութիւնից ազատագրելով հիւսիսային Արցախն ու աջափնեայ Կուրի հայոց պատմական հողերը` դաշտային Արցախը:

Երրորդ կարեւոր արգելակիչ գործօնը, որ սահմանափակել էր ազրպէյճանական հասարակութեան մասնակցութիւնը Պաքուի ընդդիմադիր ուժերի հանրահաւաքին, հէնց բուն ազրպէյճանական իշխանութիւններն են: Պաշտօնական Պաքուն, անձամբ Իլհամ Ալիեւը սարսափում է իր ժողովրդի համախմբուելու, բռունցք կազմելու հնարաւորութիւնից: Ընդ որում` շատ աւելի, քան` հայկական բանակի հնարաւոր հակահարուածից: Անգամ նոյնիսկ այն պարագայում, երբ այդ համախմբումն առաջին պահ բխում է իր իսկ ծաւալապաշտական նկրտումներից` գրաւել Արցախը, ապա եւ Հայաստանը, անմիջականօրէն սահմանակից դառնալ  իր հետ եղբայրացած Թուրքիայի հետ` յանուն Մեծ Թուրանի զառանցական գաղափարի իրականացման: Քանզի քաջ գիտակցում է, որ այդ բռունցքի հարուածն առաջին հերթին իր իսկ քթին է շեշտակի իջնելու:  Ոչ նրա համար, որ հայր ու որդի Ալիեւները, իւրաքանչիւրն իր նախագահութեան օրօք  նուաստագոյնս տանուլ են տուել ու տանուլ են տալիս  Ղարաբաղի դէմ մղուող պատերազմը, Հայտար հայրը` 93-94-ին, նրա Իլհամ որդին` 2016-ին: Ո՛չ, ի հարկէ: Ազրպէյճանական ժողովուրդն իր մեծամասնութեամբ վաղուց խաչ է քաշել Ղարաբաղին վերատիրանալու իշխանութիւնների եւ իր ցնորական երազանքների վրայ: Ի վերջոյ հասկանալով, որ, նախ,  վաղուց անցել են իր համար երանելի այն ժամանակները` Փանահ խանից մինչեւ նոր-թուրք պոլշեւիկներ Լենին ու Ստալին, մինչեւ ու ներառեալ խորհրդային կարգերի եօթ տասնամեակը` իր խրուշչովներով, պրեժնեւներով, անտրոփովներով, չեռնենքոներով  ու կորպաչովներով:  Գիտակցելով, որ անհնար է արցախցուն զէնքի ուժով, թէ ինչպէս հանել իր նախնեաց օրրանից: Ոչ հեռաւոր անցեալի օրինակով պատկերացնելով, որ ստիպուած պիտի լինի դարձեալ տասնեակ հազարաւոր զոհեր տալ` վերստին մնալով կոտրած տաշտակի մօտ: Պատահական չէ, որ զօրակոչային տարիքի ազրպէյճանական երիտասարդութիւնը հնարաւոր ու անհնարին բոլոր միջոցներով խուսափում է բանակ մեկնելուց, եւ երկրի իշխանութիւնները իւրաքանչիւր զօրակոչից առաջ, այսպէս ասած, «վհուկների որս» են կազմակերպում քաղաքներում ու գիւղերում` զինուած ուժերի նօսրացող շարքերը համալրելու եւ դէպի արցախեան դիրքերը` մսաղացի ուղարկելու համար:  Ընդ որում` առաջին եւ վերջին հերթին այն երիտասարդներին, ովքեր աղքատ, չքաւոր ընտանիքների ծնունդ են, բայց ոչ երբեք նրանց, ում թիկունքում հաստափոր հայրերն ու քեռիները`  բոլոր տրամաչափերի պաշտօնեաներն ու մեծահարուստներն են ամուր պատնէշի պէս կանգնած: Յետոյ ի՞նչ, որ նախագահ Իլհամ Ալիեւի որդին` կրտսեր Հայտարը, նոյնպէս բանակ է զօրակոչուել: Բայց, արդեօք, երբեւէ նա կը մտնի՞ խոնաւ խրամատ` ինքնաձիգը ձեռքին: Հազիւ թէ: Ինչպէ՞ս հնարաւոր է, պատկերացնելն անգամ անհնարին է, որ իրեն Ազրպէյճանի սուլթանութեան տէր ու տիրական համարող Իլհամ Ալիեւի մինուճար արու զաւակը միւս զինուորների հետ միասին կը պառկի  խրամատի թաց հողին` սպասելով հայկական դիրքերից արձակած պատասխան գնդակի:

Եւ ապա.  ազրպէյճանական ժողովուրդն իր գերակշիռ մեծամասնութեամբ  շատ վաղուց յոգնել է աղքատութեան ճիրաններում տառապելուց: Պաքւում եւ Ազրպէյճանի ցանկացած այլ բնակավայրում ո՞վ չգիտէ, թէ ո՛ւմ գրպաններն են լցւում երկրի  գլխաւոր հարստութեան` նաւթի ու կազի վաճառքից գոյացող միլիառները: Եւ դա այն պարագայում, երբ հազարաւոր ազրպէյճանական ընտանիքներ զուրկ են փոքր ի շատէ յարմարաւէտ կենցաղային պայմաններից, փաստօրէն, մարդավայել ապրելու տարրական իրաւունքից: Այն պարագայում, երբ երկրում ամէնուրեք ծաղկում, փթթում են կաշառակերութիւնը, ամենաթողութիւնը, եւ շարքային քաղաքացին կեանքի բոլոր հանգամանքներում իրեն զգում է նեղ ցանցկեն սարդոստայնի մէջ, որից չկայ փրկութեան եւ ոչ մի ելք: Ու հետզհետէ հասունանում, ահագնանում  է ժողովրդական ըմբոստութիւնը, ինչից իշխանութիւնները շատ աւելի են վախենում, քան, կրկնում եմ, հայկական բանակի ուժից: Յատկանշական է, որ հէնց այդ սարսափի հրամայականով է, որ խնդրոյ առարկայ հանրահաւաքի մասնակիցներից իւրաքանչիւր ոք, անկախ իր հանրային դիրքից,  ոստիկանութեան կողմից մանրակրկիտ խուզարկութեան է ենթարկուել հաւաքի վայր մտնելուց առաջ: Պատահական չէ նաեւ, որ հանրահաւաքում երկրի գործող իշխանութիւնների հասցէին հնչած միակ քննադատական ելոյթը, որով հանդէս է եկել  Ազրպէյճանի երկրորդ անփառունակ նախագահ Աբուլֆազ Էլչիպէյի զինակից, նրա օրօք ընդամէնը մէկ տարի ներքին գործերի նախարարի պաշտօնը զբաղեցրած եւ, ի դէպ, հայկական ջարդերի գլխաւոր կազմակերպիչներից մէկը` Իսկենտեր Համիտովը, շարունակ ընդհատւում էր` մերթ բարձրախօսից ելնող ու նրա ձայնը խլացնող երաժշտութեամբ, մերթ` խօսափողի անջատումներով:  Իսկ այդ մարդակերը (աւա՜ղ, ի տարբերութեան հայոց Մեծ եղեռնի արիւնարբու մի շարք կազմակերպիչների, նա եւ Ազրպէյճանում հայկական կոտորածների միւս հեղինակներն ու հրահրողներն առ այսօր էլ անպատիժ են մնում)  ասել էր բառացիօրէն հետեւեալը. «Յանուն Ղարաբաղի ազատագրութեան մենք պատրաստ ենք համագործակցել նոյնիսկ սատանայի, բայց ոչ այդ կառավարութեան հետ»: Ինչին հանրահաւաքի տարբեր հատուածներից, որպէս արձագանգ, հնչում էր «Իստեֆա», այսինքն` «Հրաժարական» ամբոխային  կոչը, որ վերաբերում էր, անշուշտ, բռնակալ Իլհամ Ալիեւին ու նրա վարչախմբին:

Ինչ խօսք, երեւի թէ մտավախութիւն ունենալով, որ նման կարգի ելոյթները կարող են պատճառ հանդիսանալ հանրահաւաքը պայմանաւորուած ժամկէտից շուտ դադարեցնելու համար, միջոցառման հռետորներն այլեւս խուսափեցին իշխանութիւններին դատափետելուց` իրենց ելոյթներում բաւարարուելով լուտանքներ թափելով արցախահայութեան եւ, առհասարակ, հայութեան հասցէին, հաւաքի մասնակիցների հետ միասին բացագանչելով  Ղարաբաղը, ինչպէս նաեւ ամբողջ Հայաստանը, անգամ Կովկասը  հայերից մաքրելու, հայ ժողովրդին աշխարհում ամէնուրեք արեան մէջ խեղդելու մասին  սպառնալիքներ: Կարելի է դատել, որ հանրահաւաքի խօսափողից կազմակերպիչները հիմնականում բարձրաձայնում էին այն ամէնը, ինչի մասին նախապէս պայմանաւորուածութիւն էր ձեռք բերուել միջոցառման անցկացման վայրի, ժամկէտի ու թեմայի շուրջ իշխանութիւնների հետ նախնական  բանակցութիւնների ընթացքում: Արդիւնքում առաջանում է այն տպաւորութիւնը, թէ հանրահաւաքը կազմակերպել եւ անցկացնում են ոչ թէ քաղաքական ընդդիմութեան, այլ հէնց անմիջականօրէն գործող իշխանութիւնների ներկայացուցիչները, այնքան, որ համահունչ էին ընդդիմադիր հռետորների եւ պաշտօնական մարմինների դիրքորոշումները ղարաբաղեան եւ, առհասարակ, հայութեան հարցում:

Ի լրումն, որպէս յատկանշական զուգադիպութիւն` նշեմ, որ ազրպէյճանական ընդդիմութեան Պաքուի հակահայ հանրահաւաքը տեղի էր ունենում մի այնպիսի ժամանակ, երբ դեռ հազիւ նոր-նոր էին աւարտուել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործերի նախարարների բանակցութիւնները Նիւ Եորքում` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նստաշրջանի շրջանակներում, իսկ Տուշանպէում` ԱՊՀ անդամ երկրների ղեկավարների խորհրդի նիստի շրջանակներում  Հայաստանի վարչապետն ու Ազրպէյճանի նախագահը ոտքի վրայ ունեցած կարճատեւ դիւանագիտական զրոյյցի ընթացքում արդէն պայմանաւորուել էին սահմանագծում լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ միջադէպերը կանխելու, խաղաղ բանակցութիւններին հաւատարիմ մնալու, ինչպէս նաեւ միմեանց միջեւ գործնական հեռախօսակապ  ստեղծելու վերաբերեալ:  Հայկական կողմը, ինչպէս որ խոստացուել էր Տուշանպէի հանդիպմանը, փաստօրէն կատարել է Հայաստանի վարչապետի համարժէք հրամանը զինուած ուժերին: Իսկ ահա ազրպէյճանականը… ըստ երեւոյթին, Ազրպէյճանի նախագահը հրաձգութիւնը  դադարեցնելու մասին ոչ մի հրաման էլ չի տուել իր երկրի զինուած ուժերին: Այլապէս, ազրպէյճանական կողմը սեպտեմբերի 30-ից հոկտեմբերի 6-ն ընկած ժամանակահատուածում, այսինքն` նշուած պայմանաւորուածութիւններին յաջորդած օրերին, շուրջ 150 անգամ չէր խախտի հակամարտ զօրքերի շփման գծում  հրադադարը` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներից հայ դիրքապահների ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 1000 կրակոց: Պաշտօնապէս արձանագրուած կրակոցների այդ շրջանում էր, որ աշխատանքային այցով Արցախում գտնուող ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, դիմելով  Արցախի ՊԲ հրամանատարութեանը, յորդորեց, վարչապետի յանձնարարութեան համաձայն, պահպանել բանակցային գործընթացում ձեռք բերուած հրադադարը: Կարծես թէ արտառոց ոչինչ չկայ այդ յորդորանքում, բայց ահա ազրպէյճանական մամուլն այն ներկայացրեց մէկ ուրիշ կտրուածքով. իբր թէ Երեւանը Ղարաբաղի անջատողականներին, այսինքն մեզ` արցախցիներիս,  հրամայել է պահպանել Ազրպէյճանի հետ հրադադարը»: Արդիւնքում գլխիվայր շուռ տուած այն անհեթեթ տպաւորութիւնն է ստեղծւում, որ իբր թէ հրադադարը խախտում է ոչ այլ ոք, քան` հայկական կողմը…

Խօսքս աւարտեմ Յովհաննէս  Թումանեանի «Հառաչանք» պոէմից մի տիպական հատուածով, որ ուղեղումս անընդհատ պտտւում էր այս մեկնաբանութեանը համընթաց.

Երեք թագաւոր, ասում են, իբրեւ,
Խելքս չի կտրում, որ էսպէս լինի,
Խորհուրդ են արել, որ այսուհետեւ
Իր թախտից զըրկուի, ով կռիւ անի:
Ո՞վ է իմացել էսպէս հրաշք բան:
Էլ ի՞նչ թագաւոր կամ էլ ի՞նչ իշխան,
Որ կռիւ չանի, ուրիշին չըտիրի,
Մարդ չըկոտորի, երկիր չաւերի…

Հայ մեծ բանաստեղծը կարծես հէնց մեր այս օրերի համար է մէջբերել պոէմի իմաստուն ծերունու  միամիտ տարակուսանքը: Թէ՞ սխալւում եմ:

Յատուկ «Ազդակ»-ի համար
Արցախ

Ակնարկ. Պրանսըն, Կիւլեն, Խաշոկճի` Պատժամիջոցներու Որդեգրման Պատրուակային Կերպարներ

0
0

Ռիատ Ուաշինկթըն – Անգարա գիծին վրայ արձանագրուող իրադարձութիւնները իրենց բնոյթով անջատ  ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգեն, սակայն միջպետական յարաբերութիւններու դիտանկիւնէն փոխկապակցուածութեան տեսութեան մասին կը համոզեն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ ընդունած էր ամերիկացի հոգեւորական Էնտրիւ Պրանսընը, որ աւելի քան երկու տարի Թուրքիոյ մէջ կալանքի տակ մնալէ ետք, շաբաթ օր վերադարձած էր իր երկիրը:

Թուրքիոյ կողմէ լրտեսութեան եւ ահաբեկչութեան աջակցութեան համար մեղադրուող պատուելիին ազատազրկումը դիւանագիտական լուրջ ճգնաժամ յառաջացուցած էր Ուաշինկթընի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն մէջ: Պրանսընը ազատ արձակելու պահանջով անցեալ օգոստոսին Միացեալ Նահանգներ մինչեւ իսկ պատժամիջոցներ հաստատած էին ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ դէմ, որմէ ետք թրքական լիրան կտրուկ կերպով արժեզրկուած էր:

Պրանսընի ազատ արձակման զուգահեռ, Սէուտական Արաբիա կը սպառնար  առաւել լուրջ միջոցներով պատասխանել այն պատժամիջոցներուն, որոնցմով Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան սկսած էին սպառնալ թագաւորութեան` Պոլսոյ մէջ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի անհետացման պատճառով: Այս մասին յայտարարեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Թագաւորութիւնը ամբողջութեամբ կը մերժէ որեւէ սպառնալիք կամ տնտեսական պատժամիջոցներով զինք խոցելու փորձ, քաղաքական ճնշումի կիրարկում կամ կեղծ մեղադրանքներ, որոնք պիտի չցնցեն թագաւորութիւնն ու անոր յառաջատար դիրքը արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ: Թագաւորութիւնը կը հաստատէ, որ յաւելեալ լուրջ միջոցներով պիտի պատասխանէ իր դէմ որեւէ որոշումի որդեգրման պարագային», շեշտած էր նախարարութիւնը:

Պրանսըն Կիւլենի դիմաց Անգարայի կողմէ ձեռնարկուած խաղը փաստօրէն չընթացաւ Անգարայի կանոններով: Կիւլենը առ այս պահը չէ արտայանձնուած Անգարային, մինչ Պրանսընը ազատ արձակուած է: Թրամփ ամենայն հաւանականութեամբ պիտի յիշէ Անգարայի ռազմավարական յատուկ գործընկերութիւնը, Ուաշինկթըն- Անգարա պատմական կապերը, տնտեսական պատժամիջոցներու բաւարար ըլլալը, մինչ թրքական լիրան անկումէն կայունացում եւ գուցէ վերարժեւորման միտումներու ուղղութիւն ցոյց տալու նախադրեալներ պիտի պարզէ:

Այս անգամ Ռիատն է, որ իրեն նկատմամբ խոստացուող պատժամիջոցներուն դիմաց Թեհրանի հետ մերձեցման սպառնալիքներ պիտի յղէ Ուաշինկթընին: Իսկ այստեղ Ուաշինկթընի համար լրագրողի անհետացումը պարզապէս պատրուակ է դէպի Անգարա եւ դէպի Ռիատ սլաքները տարբեր ուղղութիւններով ճշդելու:

Տարածաշրջանին մէջ սիւննի դաւանաբնակչութիւնը հզօր գործօն է իրավիճակներ ստեղծելու, ազդեցութեան գօտիներ ձեւաւորելու եւ միջպետական յարաբերութիւններուն ընթացքին հակակշռումներ եւ այս պարագային Թեհրանի դիմաց խաղաթուղթ օգտագործելու:

Կը թուի, որ զանգուածային այս դաւանաբնակչութեան տիրութիւն ընելու մրցակցութեան մէջ Ռիատը սկսած է զիջիլ Թուրքիոյ, Ուաշինկթընի անուղղակի մղումով եւ հովանաւորչութեամբ: Գէթ որոշ ժամանակի համար:

Խնդիրը ուրեմն տարածաշրջանային առանցքին մէջ, նման դերակատարութեան ստանձնման պարագային ուղղակիօրէն կը վերաբերի երկրորդ դաւանաբնակչութեան` շիի զանգուածին տիրութիւն ընող Թեհրանի հետ Անգարայի  արդէն սպառման եզրին գտնուող մերձեցման: Մանաւանդ որ Իտլիպի հանգուցալուծումէն ետք մերձեցման քայլերը նախկին նշանակութիւնը չունին յայտնապէս:

Պրանսըն – Կիւլեն խաղը աւարտած է յօգուտ Ուաշինկթընի, որ կը թելադրէ` Ռիատ ընդդէմ Անգարայի տեսքով նոր խաղի կանոնները: Այստեղ Խաշոկճիի ճակատագիրը պարզապէս պատրուակ է:

«Ա.»

Ոչ Եւս Է Մայեսթրօ Արսէն Սայեանը

0
0

Հոկտեմբեր 5-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Վըրճինիայի մէջ իր մահկանացուն կնքեց մայեսթրօ Արսէն Սայեանը (ծնեալ` 10 յունուար, 1928-ին, Հալէպ):

Իր ուսումը ստանալէ ետք Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին մէջ Սայեան շարունակած է մասնագիտանալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ: 1949-ին շրջանաւարտ` ան վերադարձած է Հալէպ եւ որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած` Կիւլպէնկեան, Հայկազեան, Զաւարեան ազգային վարժարաններուն եւ Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ` դասաւանդելով հայոց լեզու, պատմութիւն եւ երաժշտութիւն:

Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի` Բերիոյ թեմի առաջնորդութեան շրջանին, ան ստանձնած է առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ արական երգչախումբի դպրապետութիւնը: Համերգային գործունէութիւնը ծաւալելով` 1950-ին ան կազմած է «Շողական» երգչախումբը, որ ղեկավարած է մինչեւ 1957 թուական:

Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէն ետք մայեսթրօ Սայեանը գործած է յատկապէս Ֆիլատելֆիոյ մէջ` «Քնար» երգչախումբը կազմելով:

Ան գործած է նաեւ Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի, Ուաշինկթընի մէջ: Սայեանը 1969-1995 «Ամերիկայի Ձայն»-ի հայկական բաժանմունքի խմբագիրն էր: Ան 1980-ին ստացած էր «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ:

Մայեսթրօ Սայեանը նաեւ հետեւողական յօդուածներ կը յղէր «Հայրենիք»-ին` միշտ ալ նիւթ ունենալով հայ դասական եւ կրօնական երաժշտութիւնը: Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, հոկտեմբեր 20-ին:

Անմիջական Ու Սիրալիր Մարդիկ, Գեղեցիկ Կառոյցներ Ու Համեղ Սնունդ. Զբօսաշրջիկներու Պատճառները

0
0

ԱՆԻ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

Վերջին տարիներուն Հայաստան ժամանող զբօսաշրջիկներու թիւի աճին վերաբերեալ վիճակագրական ցուցանիշները տեսանելի են Երեւանի փողոցներուն մէջ, ուր կարելի է հանդիպիլ տարբեր երկիրներէ մեր երկիրը տեսնելու եկած օտարներ:
«Արմէնփրես»-ը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ եւ անոր յարակից փողոցներուն մէջ զրուցած է անցորդ-զբօսաշրջիկներու հետ եւ փորձած է հասկնալ, թէ ի՛նչ տպաւորութիւն ունին Հայաստանէն:
17-ամեայ Ռիշան եւ Վիքթորիան շատ սիրած են Հայաստանը, մասնաւորապէս` մարդիկը եւ պտուղները: «Մենք արդէն հոս ենք 7 օրէ ի վեր եւ կրցած ենք տեսնել շարք մը յիշարժան վայրեր ու հնագոյն եկեղեցիներ: Մարդիկ շատ ընկերային են, պտուղներն ալ` շատ համեղ», կը նշեն անոնք: Կ՛ըսեն, որ դարձեալ պիտի գան Հայաստան, անիկա իտէալական վայր է արձակուդի համար: «Մայրս խօսած է իր ընկերներուն հետ, եւ կը մտածենք յաջորդ տարի արձակուրդներուն անգամ մը եւս գալ Հայաստան»: Ըստ Վիքթորիային, շատերը պէտք է գիտնան Հայաստանի մասին, որուն համար կարեւոր է զբօսաշրջութիւնը զարգացնել:
Վլատիմիրը, որ եկած է Քրասնոտարէն, շատ սիրած է Երեւանը, քանի որ օդը մաքուր է` համեմատած Ռուսիոյ քաղաքներուն: «Անմիջական ու սիրալիր են հայերը, բայց կ՛ըլլան նիւթական դժուարութիւններ, Սեւանի մէջ ճաշարան մը նստած էինք ու չսիրեցինք, երբ մեզ խաբեցին», կը նշէ ան: Հնգօրեայ հանգիստի ընթացքին այլ խնդիրներու չեմ հանդիպած: «Շրջած ենք Երեւանի մէջ, այցելած Սեւան, Գառնիի տաճար եւ մեզ շատ տպաւորած է ճարտարապետութիւնը»: Թէ` գիտե՞ն հայերէն բառեր, Վլատիմիրը պատասխանած է ոչ. «Շատ մը հայեր ռուսերէն կը խօսին, անկեղծօրէն` չեմ գիտեր հայերէն բառեր: Աւելի շատ կը հաղորդակցինք ռուսերէնով, երբեմն ալ` անգլերէնով»:
Հոլանտայէն ժամանած Վիլնը կ՛ըսէ, որ եղած է Հայաստանի բոլոր անկիւնները` աջէն ձախ, «Հայաստանը գեղեցիկ երկիր է, յատկապէս շատ կը սիրեմ շէնքերը, եկեղեցիներն ու բնութիւնը: Ասիկա առաջին այցելութիւնս է, եթէ կարելիութիւնը ունենամ, դարձեալ կը վերադառնամ»: Հայկական սնունդը սիրած է, սակայն, դժբախտաբար, ստամոքսի հետ կապուած խնդիրներ ունի, ինչ որ շատ մը բաներու արգելք կը հանդիսանայ: «Հայերէն բառեր գիտէ՞ք» հարցումին կը պատասխանէ, «Ո՛չ, մենք ունինք առաջնորդ, որուն հետ կը հաղորդակցինք անգլերէնով, հայերէն բառեր սորվելու պէտք չեղաւ», կը նշէ ան:
Սինկափուրցի Թայանը մեզի հետ զրոյցի պահուն կը շտապէր տեսնելու Սեւանայ լիճը: Ըստ անոր,Հայաստան ժամանած է Ղազախստան, Ուզպեքստան, Թուրքմենստան եւ Իրան այցելութիւններէն ետք, մեր երկրի մասին անոր պատմած են Թեհրանի մէջ: «Հրաշալի երկիր է, շատ ընկերային: Շատ հաճելի է, որ Իրանի սահմանէն Երեւան 8 ժամ կը տեւէ»: Միւսներուն նման` ան ալ հայերէն չի գիտեր, քանի որ հոս կրնայ օգտագործել անգլերէնն ու ռուսերէնը:
Պելճիքայէն ժամանած Ուիլիըմն ու Նիքիան շատոնց կը ծրագրէին գալ Հարաւային Կովկաս: «Հայաստանն ու Վրաստանը երկար ժամանակ իմ այցելութիւններուս ցանկին մէջ էին: Բացի անկէ` ունիմ գործընկերներ Հայաստանէն: Որոշեցի գալ ու տեսնել Երեւանն ու լաւ մարդիկը», կ՛ըսէ Ուիլիըմ: Ըստ իրեն, կը պատրաստուին պտոյտ մը կատարել դէպի Հայաստանի բոլոր տեսարժան վայրերը: Գիտէ հայերէնով «բարի լոյս» եւ «շնորհակալութիւն» ըսել:
Ըստ ներգնայ պտոյտներ կազմակերպողներուն, Հայաստանի աւանդաբար յաճախ այցելուող վայրերու ցանկին մէջ էական փոփոխութիւններ չեն արձանագրուած: Արտասահմանցի, նաեւ հայ զբօսաշրջիկները ամէնէն շատ կը նախընտրեն` Գառնին, Գեղարդը, Սեւանը, Տաթեւը, Խոր Վիրապն ու Նորավանքը: Կ՛այցելեն նաեւ` Ծաղկաձոր, Դիլիջան, Պարզ լիճ, Հաղարծին, Էջմիածին, Հաղբատ, Սանահին, Օձունի եւ Ախթալայի վանքեր:
Արկածախնդրութեան սիրահարները կ՛այցելեն Ենոքաւան` զիփլայնով թռչելու, Խնձորեսկ, Լաստիվեր, Շաքիի ջրվէժ, Թռչուններու քարանձաւ եւ Արենի: Գիւղական կեանքի սիրահարները կը մասնակցին լաւաշի թխման գործընթացին: Յաճախ այցելուող վայրերէն է նաեւ Բիւրականի աստղադիտարանը, Երեւանի մէջ ալ` Լեւոն վարդապետի քարանձաւ-թանգարանը:

Վիճակագրութիւն

2018-ի յունուար-յունիսին Հայաստան ժամանած է 685 հազար 971 զբօսաշրջիկ, ինչ որ աւելի քան 10 առ հարիւրով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշը: 2017-ի յունուար-դեկտեմբերին Հայաստան ժամանած է 1 միլիոն 494 հազար 779 զբօսաշրջիկ, 2016-ի համեմատ աճը 18,7 առ հարիւր է:
2017-ի Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներէն 264 հազար 702-ը իբրեւ կացութեան վայր ընտրած է պանդոկը: 1 միլիոն 230 հազար 77-ն մնացած է բարեկամի կամ հարազատի մը տան մէջ, վարձու տրուող բնակարաններու մէջ եւ այլն:
Ազգային վիճակագրական կոմիտէն տուեալներ կը ներկայացնէ միայն պանդոկներու մէջ հանրագրուած զբօսաշրջիկներու վերաբերեալ, թէ ո՛ր երկրէն են եւ ի՛նչ նպատակներով այցելած են Հայաստան: Այսպիսով, անոնց 20,3 առ հարիւրը Ռուսիայէն է, 1,7 առ հարիւրը` Ուքրանիայէն, 1,4-ը` ԱՊՀ-ի այլ երկիրներէ: 4,4 առ հարիւրը եկած է Գերմանիայէն, 4.1 առ հարիւրը` Ֆրանսայէն, 2,7 առ հարիւրը` Միացեալ Թագաւորութենէն, 2,1 առ հարիւրը` Իտալիայէն, 0,7 առ հարիւրը` Հոլանտայէն: Իրանէն ժամանած է 14,2 առ հարիւրը, Միացեալ Նահանգներէն` 13,6 առ հարիւրը, Վրաստանէն` 2,9 առ հարիւրը, Քանատայէն` 2,6 առ հարիւրը, Թուրքիայէն` 0,7 առ հարիւրը:
2017-ի զբօսաշրջային գործակալութիւններու միջոցով Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներուն 52,8 առ հարիւրը այստեղ եկած է հանգիստի եւ ժամանցի նպատակով, 23,9 առ հարիւրը` գործնական, 0,2 առ հարիւրը` բուժման եւ 23,1 առ հարիւրն ալ` այլ նպատակներով:
Ըստ ՄԱԿ-ի զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մեթոտաբանութեան միջազգային զբօսաշրջիկ կը նկատուի ոեւէ անձ, որ հանգստանալու, բուժուելու, հարազատներուն այցելելու, գործնական, կրօնական կամ այլ նպատակներով կը ճամբորդէ իր հիմնական բնակութեան վայրէն այլ վայր մը, ոչ պակաս 24 ժամէն եւ ոչ աւելի քան անընդմէջ 1 տարի ժամանակով:

 

Viewing all 12041 articles
Browse latest View live