Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12097 articles
Browse latest View live

Համարաբական Մամուլի Անդրադարձը` Շարլ Ազնաւուրի Մահուան

$
0
0

Պատրաստեց՝ Դոկտ. Նորա Արիսեան

Վկայակոչելով ԱՖՓ լրատու  գործակալութիւնը` արաբական մամուլը ողողուած էր Շարլ Ազնաւուրի մահուան վերաբերող լուրերով:

«Արապիա» կայքը հաղորդեց Շարլ Ազնաւուրի մահուան լուրը` յայտնելով, որ ան եղած է աշխարհի ամէնէն հանրածանօթ ֆրանսացի երգիչներէն մէկը, որ ելոյթներ ունեցած է Պրիւքսելի, Փարիզի եւ Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ: Իսկ «Ժազիրա» կայքը լուրը հաղորդեց հետեւեալ վերնագիրիններքեւ. «Ֆրանսական երգի վերջին հսկաներէն Շարլ Ազնաւուր մահացած է»:

Միւս կողմէ` Եգիպտոսի «Եոմ Սապեհ» թերթը երեք նիւթեր տեղադրեց երկու օրուան մէջ:

Անիկա առաջին անգամ Ազնաւուրի մահուան լուրը հաղորդեց «Ֆրանսացի երգիչ Շարլ Ազնաւուր կը մահանայ 94 տարեկանին» վերնագիրին տակ: Թերթը Ազնաւուրը կը ներկայացնէ իբրեւ ֆրանսահայ երգիչ եւ երգի բառերու հեղինակ, որ յայտնած էր իր ցանկութիւնը երգելու արաբերէնով` Ֆէյրուզի հետ:

Երկրորդ լուրի հեղինակ Ռիհամ Ապտուլլահ «Հետեւեալները կը գուժեն մեծ ֆրանսացի Շարլ Ազնաւուրին մահը» վերնագիրին տակ կը գրէ` «Համաշխարհային արուեստը կորսնցուց ֆրանսացի մեծ երգիչը»: Ան կը ներկայացնէ աշխարհի ղեկավարները եւ յայտնի դէմքերը, որոնք գուժեցին մահը Ազնաւուրին, ինչպէս` Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը, նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը, լիբանանահայ հաղորդավար Նշան Տէր Յարութիւնեանը, լիբանանցի երգչուհիներ Քարոլ Սմահան եւ Էլիսան, հաղորդավար Շարիֆ Ամերը եւ գործարար Նեժիպ Սաուիրսը:

Երրորդ լուրով Մոհամետ Ռիտա կը խորագրէ` «Յատուկ նկարներ` ֆրանսական մշակոյթի դեսպանի կեանքէն», եւ թերթը նկարներով կը հաղորդ էԱՖՓ-ի լուրը` 13 նկար զետեղելով: Նաեւ մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ երգիչին ելոյթները` շեշտելով անոր ծնողներուն հայ ըլլալը:

Արաբական «ՀիաՄակ» կայքը կը ներկայացնէ արաբ աստղերուն մեկնաբանութիւնները Շարլ Ազնաւուրի մահուան առիթով, մասնաւորաբար  Լաթիֆայի, Ռաղեպ Ալամէի եւ Հընտ Սապրիի գրառումները:

Իսկ եգիպտական «Ախպար Եոմ»-ը կը գրէ. «Ֆրանսական երգի առասպել Շարլ Ազնաւուր կը հեռանայ»: Լրատուամիջոցը կը յիշատակէ, որ Ազնաւուրը ըսած է, թէ` «ֆրանսերէնը աշխատանքի լեզուս է, իսկ հայերէնը յաւերժ պիտի մնայ իմ առաջին լեզուս»:

Իսկ «ՄիմՄակազին» (արաբական կնոջական կայք) իր հրապարակած նիւթը կը վերնագրէ` «Շարլ Ազնաւուր..Ֆրանսան կախարդող հայու ձայնը»: Յօդուածագիրը` Ֆաթեն Ումրան կը գրէ, որ` «Ան իր քնքուշ ձայնով եղած էր միլիոնաւոր սրտերու դեսպան, եւ զայն կոչած էին Ֆրանսայի Ֆրենք Սինաթրան: Ան երգած է 8 լեզուներով: Ազնաւուր պիտի չմահանայ, այնքան ատեն որ երկրի վրայ կայ սէր եւ երաժշտութիւն»: Կայքը զետեղած է նաեւ Ազնաւուրի երգերէն մէկուն տեսահոլովակը:

Յօդուծագիրը կ՛անդրադառնայ երգիչի կեանքին` ծնունդէն սկսեալ` եւ կը յայտնէ, որ ան միշտ օգնած է Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին: Նաեւ անդրադարձ կատարուած է«Քեզի համար Հայաստան» երգի ստեղծման պայմաններուն: Յատուկ նշուած է Շարլ Ազնաւուրի եւ թատրոնի կապը, ինչպէս նաեւ գրուած է իր ստեղծագործութիւններուն մասին:

Յօդուածագիրը նաեւ կը խօսի Ազնաւուրի յաջողութեան երկար ճանապարհին մասին, նաեւ յատուկ յիշատակում կայ Ազնաւուրի ուսման եւ երգի բառերու հեղինակութեան մասին: Ան Ազնաւուրը կ՛անուանէ կեանքի եւ սիրոյ խորհրդանիշ:

Համաարաբական կայքերէն «Արապի Ժատիտ» նախ Փարիզէն կը հաղորդէ Ազնաւուրի մահուան լուրը` զայն դասելով իբրեւ աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր ֆրանսացի երգիչը, որ հայկական արմատներ ունի, ապա «Շարլ Ազնաւուր… վերջապէս արեւին տակ» վերնագիրով կը յայտնէ, որ աշխարհը ճանչցաւ իւրայատուկ փորձառութիւն մը, իր երգերուն նմանող կեանք մը, յիշատակելով իր այն երգը, որ կ՛ըսէ. «Զիս տարէ՛ք դէպի երկրի ծայրերը… Ինծի կը թուի, որ ողբերգութիւնը արեւուն տակ աւելի թեթեւ կ՛ըլլայ»:

Իսկ «Էլֆան» արուեստի յատուկ կայքը կը գրէ. «Ազնաւուր հրաժեշտ կու տայ կեանքին` իր տղուն կողքին թաղուելու ցանկութեամբ»: Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Ազնաւուր 2009-ին յայտնած էր, թէ ինք ֆրանսացի է եւ իր ցանկութիւնն է թաղուիլ իր զաւկին կողքին: Կայքը նաեւ կը տեղադրէ նիւթ մը, հետեւեալ վերնագիրով. «Այստե՛ղ Ազնաւուրը առաջին ելոյթը ունեցաւ Լիբանանի մէջ,եւ ահաւասիկ` տոմսերուն գիները»: Յօդուածին մէջ կը պարզուի, որ Ազնաւուր 1962-ին ունեցած է ելոյթներ «Թէաթրօ» սրահին մէջ, եւ տոմսին գինը եղած է 100 լ. ոսկի:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Իթթիհատ» կայքը ԱՖՓ-ի լուրը հաղորդած է «Ֆրասական երգի վերջին հսկաներէն Շարլ Ազնաւուր մահացած » վերնագիրին տակ:

Պահրէյնի «Այեամ» թերթը նոյնպէս կը գրէ` «Ֆրանսական երգի վերջին հսկաներէն Շարլ Ազնաւուր մահացած է», նշելով, որ Ազնաւուրին բախտը բացուեցաւ, երբ Էտիթ Փիաֆ զինք լսեց, ու այդպիսով ան սկսաւ իր ելոյթներուն շարքը եւ հասաւ համբաւի:

Իսկ Սուրիոյ մէջ «Ազմինէ» կայքը կ՛արձագանգէ Ազնաւուրի մահուան լուրին` զայն որակելով բազմատաղանդ արուեստագէտ, որ եղած է երգիչ, գրող եւ մտած է դերասանութեան ու դիւանագիտութեան ասպարէզ: Լուրին աւարտին «Ազմինէ»-ն Ազնաւուրի երգերու տեսանիւթ մը զետեղած է:

«Սիրիա Նիուզ» կայքը իր կարգին մանրամասնօրէն ներկայացուցած է երգիչին կեանքը եւ անոր հռչակաւոր երգերուն ցանկը:

Իսկ պատկերասփիւռի կայաններուն մակարդակով, նշենք, որ զանազան կայաններ յատուկ յայտագիրներով հանդէս եկան, ինչպէս` Թունուզի «Իխպարիէ Թունսիէ» եւ Յորդանանի «Մամլաքա Թի. Վի.», «Չանըլ 23», «Ալ Քանաթ», «Արապիա» կայանները, որոնք անդրադարձան Ազնաւուրի կեանքին եւ յաջողութեան` մէջբերելով անոր հետեւեալ խօսքը. «Ես հայ եմ եւ ֆրանսացի եմ, երկուքը անբաժան են, ինչպէս` կաթն ու սուրճը»:

Պէտք է ըսել, որ բացի մամուլին մէջ լոյս տեսած գրութիւններէն եւ յօդուածներէն` ընկերային ցանցերը նոյնպէս ողողուած էին արաբ արուեստասէր դէմքերու գրառումներով, անոնք կը ցաւակցէին ֆրանսահայ երգիչին մահուան տխուր առիթով եւ կը զետեղէին իր երգերէն կամ նկարներէն:

 


Լիբանանեան Օրաթերթերուն Անդրադարձը` Ազնաւուրի Մահուան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի փառքը մնայուն կերպով գովերգած եւ անոր կեանքի ընթացքին, համերգներուն արձանագրած հսկայ յաջողութիւններուն եւ Լիբանանի մէջ կազմակերպուած անոր համերգներուն արձագանգած լիբանանեան մամուլը լայն անդրադարձ մը կատարեց մեծ երգիչին մահուան ու անոր առթած սուգին առիթով:

«Նահար» օրաթերթը Ազնաւուրին` նուիրուած մահագրութիւնը սկսաւ հետեւեալ խորագիրով. «60 տարիներու ֆրանսական երգը համաշխարհային բեմերէն…»: Ազնաւուր. «Օր մը օրանց ցտեսութիւն չեմ ըսած»:

Մահագրութիւնը կը սկսի Շարլ Ազնաւուրի կեանքի վերջին շրջանին իրերայաջորդ կերպով Պրիւքսելի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ համերգները ջնջելու երեւոյթով, նկատի ունենալով մեծ արուեստագէտին առողջական հարցերը:

Ապա` Ազնաւուրի կեանքին մասին երգիչին մեկնաբանութիւնը մէջբերելով, թէ իր կեանքը բախտ է, յօդուածը կ՛ըսէ. «Իրականութեան մէջ միայն բախտը չէր, որ զինք հասցուց համաշխարհային այս բարձր մակարդակին` զայն վերածելով Ֆրանսայի խորհրդանիշներէն մէկուն, այլեւ` անոր տաղանդն ու կամքը»:

Ապա լայն անդրադարձ կը կատարուի Ազնաւուրի հայկական արմատներուն եւ Ֆրանսայի մէջ անոր երգի նախաքայլերուն մասին, երբ անոր հասակն ու ձայնը մեծերուն կողմէ բաւարար չէին նկատուէր Փարիզի բեմերը բարձրանալու, եւ պատճառ կը դառնար, որ Ազնաւուր բաւարարուի երգերու յօրինումով: Սակայն 1960-էն ետք Ազնաւուր կրցաւ դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները եւ դառնալ ֆրանսական երգի հսկան:

Ազնաւուրի երգի ասպարէզին կողքին, նշուած է նաեւ անոր շարժապատկերի ասպարէզին, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած «Անոնք ինկան» երգին, իսկ 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժին նուիրուած «Քեզի համար Հայաստան» խմբերգին մասին մանրամասնութիւններ:

Նշուած է նաեւ Ազնաւուրին շնորհուած հայկական քաղաքացիութեան եւ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանը դառնալու պաշտօնին:

Յօդուածին մէջ մէջբերում մը կատարուած է նաեւ իր տարիքին վերաբերող Ազնաւուրի խօսքերէն, որ կ՛ըսէ. «Ես տարեց չեմ, պարզապէս տարիքս յառաջացած է. այս երկուքը նոյն բաները չեն», ինչպէս նաեւ` խորագիրին մէջ նշուած խօսքին, որ կ՛ըսէ.

«Օր մը օրանց ցտեսութիւն չեմ ըսած»:

Նոյն օրաթերթը անդրադարձաւ նաեւ Ազնաւուրի թաղման արարողութեան` մանրամասնութեամբ կեդրոնանալով Ֆրանսայի նախագահ էմանուէլ Մաքրոնի արտասանած դամբանականին, որուն մէջ նախագահը հաստատած էր, որ Ֆրանսայի մէջ բանաստեղծները բնաւ չեն մահանար:

«Ժումհուրիա» օրաթերթը Ազնաւուրի մահուան առիթով հրատարակած իր յօդուածը կը կոչէ` «Ազնաւուրի հրաժեշտը … ֆրանսական երգի հսկան»:

Յօդուածը կ՛անդրադառնայ Ազնաւուրի կեանքին ու ասպարէզին` նշելով, որ ան 80 տարի շարունակ համաշխարհային բեմերու վրայ գտնուած է եւ ստեղծած է ժողովուրդին սրտին խօսող երգը` սկսեալ Արեւելքէն հասնելով մինչեւ Արեւմուտք:

Ապա անդրադարձ կը կատարուի Ազնաւուրի հայկական արմատներուն եւ մեծ երգիչին անձնական կեանքին` նշելով, որ ան երեք անգամ պսակուած է եւ ունի վեց զաւակ:

Յօդուածը կ՛անդրադառնայ նաեւ երգարուեստի աշխարհին մէջ Ազնաւուրի եւ աշխարհահռչակ երգչուհի Էտիթ Փիաֆի գործակցութեան:

«Ժումհուրիա» կը գրէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ազնաւուրի երկրպագուներէն էր եւ ուսանող հասակէն «Քարաոքէ»-ի իւրաքանչիւր հաւաքի միշտ ալ Ազնաւորի երգերէն կը մեկնաբանէր:

Յօդուածը կը նշէ, որ Ազնաւուր իր ձայնագրած երգերէն աւելի քան 180 միլիոն ալպոմ վաճառած է, իսկ անոր երգերը հնչած են նաեւ ֆիլմարուեստի աշխարհին պատկանող աւելի քան 60 ժապաւէնի մէջ:

«Ազնաւուրի ամէնէն աւելի վաճառուած ալպոմը «Շի» երգի ալպոմն է, 1974-ին:

Ան Հոլիվուտի տաղանդներու յատուկ փողոցին վրայ իր անուամբ աստղ մը ունի, ինչպէս նաեւ կոչուած է «Ֆրանսայի Ֆրենք Սինաթրան», որուն երգերով հասակ առած են տարբեր սերունդներ», նշուեցաւ յօդուածին մէջ:

Նոյն օրաթերթին համաձայն, Ազնաւուր իր երգերը գրած է ոչ միայն ֆրանսերէնով, այլեւ` ռուսերէնով, անգլերէնով, հայերէնով, իտալերէնով եւ սպաներէնով:

«2017-ին Քֆարտըպիանի միջազգային փառատօնին ֆրանսերէն երգի առասպելը` Շարլ Ազնաւուր փափաք յայտնեց լիբանանեան երգի խորհրդանիշ Ֆէյրուզի հետ զուգերգ մը կատարել` արաբերէնով, սակայն հսկան հեռացաւ նախքան այլ հսկաներու հետ հանդիպումը», նշուեցաւ «Ժումհուրիա»-ի մէջ:

Նոյն օրաթերթը Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան անդրադառնալով` գրած է, որ Ազնաւուրի յուղարկաւորութիւնը յուզիչ էր ու ազդեցիկ: «Հայաստանի դրօշին գոյները կրող ծաղկեպսակը եւ հայրենիքդ խորհրդանշող երաժշտութիւնը իրենք զիրենք պարտադրեցին իբրեւ գլխաւոր խորագիրներ`  կազմակերպուած պաշտօնական յուղարկաւորութեան արարողութեան: Դուն բոլորին յիշեցուցիր, որ հայ ծնած ես եւ հայ մահացած` քու փառքդ ֆրանսերէնով կերտելէ ետք…»:

«Ախպար» օրաթերթը Շարլ Ազնաւուրի մասին իր հրատարակած գրութիւնը սկսաւ հետեւեալ խորագիրով. «Աշխարհը` առանց Շարլ Ազնաւուրի. անոր ասպարէզը կ՛ամփոփէ ֆրանսական երգի պատմութիւնը»:

Գրութեան մէջ կը հաստատուի, որ Ազնաւուր հեռացաւ, թագաւորը հեռացաւ, սակայն անոր երգերը կ՛ապրին: «94-ամեայ հսկան հեռացաւ, եւ Ֆրանսայի եւ ամբողջ Եւրոպայի մէջ իրմէ աւելի հռչակաւորը չէ եղած` ժողովրդային ազնուական երգի իբրեւ մեկնաբան: Հայ ընտանիքի մէջ ծնած Ազնաւուր իր աւելի քան հազար երգերով ամբողջ երկրագունդը շրջեցաւ», նշուեցաւ մահագրութեան մէջ:

«Մուսթաքպալ» օրաթերթը Ազնաւուրը կը նկատէ հսկայ մը, որ աշխարհը լեցուց կիրքով:

«Ֆրանսական երգի հսկան 20-րդ դարու արուեստագէտն է, ֆրանսական երգի հայրը, որ իր կեանքը նուիրեց ֆրանսական երգի ստեղծման եւ տարածման ասպարէզին: Ազնաւուր Ֆրանսայի հանճարեղ երգիչն է, որ 80-ամեայ իր վաստակով ու աշխարհին կտակած երգի հսկայ հարստութեամբ դարձած է Ֆրանսայի խորհրդանիշն ու հայութեան փառքը», նշուեցաւ օրաթերթին մէջ:

«Տիար»  օրաթերթը կը նշէ, որ համաշխարհային արուեստի բեմը կը կորսնցնէ Շարլ Ազնաւուրը, լուսարձակի տակ առնելով անոր հայկական ինքնութիւնը եւ նշելով, որ ան երգել սկսած է ինն տարեկան հասակին:

Նոյն օրաթերթը Ազնաւուրը կը կոչէ ֆրանսական երգի առասպելը, որ աւելի քան 1200 երգերով ապրեցուց ու յուզեց աշխարհը:

«Տիար» նշած է, որ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, նախկին նախագահներ Ֆրանսուա Հոլանտն ու Նիքոլա Սարքոզին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, նկատի ունենալով Ազնաւուրի հայկական արմատները:

«Տիար» կը մէջբերէ Մաքրոնին այն յայտարարութիւնը, որ Ազնաւուրի բացակայութիւնը դատարկութիւն պիտի պատճառէ աշխարհին:

«Շարք» օրաթերթը իր 2 հոկտեմբեր 2018-ի թիւով անդրադարձած է Շարլ Ազնաւուրի մահուան գուժին, նշելով, որ գեղեցիկ ժամանակաշրջանի վերջին հսկան մեկնեցաւ` առանց իրականացնելու Ֆէյրուզին հետ զուգերգ մը կատարելու իր փափաքը:

«Շարք» իր 6 հոկտեմբեր 2018-ի թիւով անդրադարձ կատարած է նաեւ անկրկնելի երգիչ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան արարողութեան` կեդրոնանալով Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնին յուզումին վրայ: «Շարք» մէջբերեց Մաքրոնին հետեւեալ խօսքը. «Ազնաւուր մեր զգացումներուն մասին կը խօսէր եւ մեր կեանքը յաւելեալ սիրով, հեզութեամբ եւ ազնուութեամբ կը լեցնէր: Ազնաւուր գրեց, յօրինեց եւ երգեց ֆրանսերէնով. այդ լեզուով է, որ ան մուտք գործեց իւրաքանչիւր ֆրանսացիի սրտին մէջ, ինչպէս նաեւ իր երգերով միաւորեց տարբեր մշակոյթներ»:

«Տէյլի Սթար» Ազնաւուրին նուիրուած մահագրութիւնը սկսաւ հետեւեալ խորագիրով. «Շարլ Ազնաւուր` Ֆրանսայի յաւերժ մրմնջող բանաստեղծը»:

Ապա մահագրութիւնը կը շարունակուի հետեւեալ տողով. «Անոնք ըսին, որ ան շատ տգեղ է, շատ կարճ եւ երգելու կարողութիւն չունի: Սակայն Շարլ Ազնաւուր դարձաւ 20-րդ դարու արուեստագէտը` իր աւելի քան 1200 երգերով»:

«Տէյլի Սթար» կը գրէ, որ Ազնաւուր կոչուեցաւ Ֆրանսայի Ֆրենք Սինաթրան, սակայն հակառակ ամերիկացի երգիչին` Ազնաւուր ինք էր իր երգերուն հեղինակը, որ յանդգնութեամբ անդրադարձած էր մարդկութիւնը յուզող բոլոր հարցերուն:

«Հայկական արմատներ ունեցող Ազնաւուր նոյն քաջութեամբ պայքարեցաւ ի խնդիր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայ դատի լուծման: Ազնաւուր միշտ ալ ըսած է, որ Հայաստանն ու հայութիւնը իր սրտին ու արեան մէջ են», նշուեցաւ յօդուածին մէջ:

Նոյն օրաթերթը կ՛անդրադառնայ ֆրանսացի հռչակաւոր երգչուհի Էտիթ Փիաֆի ու Ազնաւուրի գործակցութեան` հաստատելով նաեւ, որ Ազնաւուր զուգերգներ կատարած է աշխարհահռչակ այլ երգիչներու հետ, ինչպէս` Ֆրենք Սինաթրայի, Էլթըն Ճոնի, Սթինկի եւ Սելին Տիոնի:

Ֆրանսատառ «Լ՛օրիան լը ժուր»-ը յաջորդաբար տարբեր թիւերով անդրադարձած է մեծանուն երգիչին վաստակին, համաշխարհային ընդունելութեան, միաժամանակ ֆրանսացի եւ հայ ինքնութիւններուն: Յատուկ անդրադարձ կատարած է նաեւ Պուրճ Համուտի մէջ լիբանանահայ համայնքին ապրած խոր սուգին: Յատկանշական է, որ մահուան յաջորդ օրը, ֆրանսատառ թերթի առաջին էջի հիմնական լուրն ու համապատասխան լուսանկարը յատկացուած էին Ազնաւուրին:

Խմբագրական. Հանգուցալուծման Միտումներ` Կառավարութեան Ծրագիրի Հիման Վրայ

$
0
0

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման միտումներ սկսած են դրսեւորուիլ: Անկախ խորհրդարանական խմբակցութիւններուն միջեւ կայացման ընթացքին մէջ եղող բանակցութիւններու հաւանական դրական ելքի ուրուագծումէն, կ՛արժէ վերանայիլ կառավարութեան ծրագիրին: Այլ ձեւ ըսած` լուսարձակի տակ առնել այն հիմնադրոյթները, որոնց շուրջ համաձայնած են գործող խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւնները: Համաձայնած են եւ` ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւն:

Այսպէս.

– Ձեւաւորել նոր` իրական պատկերը արտացոլող ընտրական ցուցակներ, որոնք հետագային կը թարմացուին ինքնաշխատ եղանակով,

– Բացառել կրկնաքուէարկութեան հնարաւորութիւնը` քուէարկած ընտրողներու մատնահետքերու համաժամանակեայ եւ համարկուած ստուգման ցանց ստեղծելու կամ համարժէք այլ եղանակով,

– Օրէնքով երաշխաւորել ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերուն անվճար եւ վճարովի հիմունքներով տրամադրուող եթերաժամերու տեղադրումը ամէնէն դիտուող ժամերուն,

– Բացառել քաղաքացիներու կամարտայայտման վրայ ապօրինի ազդեցութիւններու գործադրումը, ճնշումներն ու ընտրակաշառքը: Այդ նպատակով իրաւապահ համակարգին մէջ ստեղծել ընտրողներու կողմնորոշման վրայ ստիպողաբար կամ սպառնալիքներով գործադրուող ազդեցութեան, ընտրակաշառքներու եւ օրէնքով արգիլուած նիւթական նուիրատուութիւններու, ծառայութիւններու մատուցման, ապօրինի խոստումներու եւ ընտրարշաւի ապօրինի ֆինանսաւորման դէմ պայքարի ստորաբաժանում,

– Իրականացնել Ընտրական օրէնսգրքի` ընտրողներու ազատ կամարտայայտումը երաշխաւորող այլ փոփոխութիւններ:

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները անհրաժեշտ է կայացնել առաւելագոյնը մէկ տարուան ընթացքին:

Այժմ, որ ընտրական նոր օրէնսգիրքի հայեցակարգը յղուած է Վենետիկի յանձնաժողովին, ենթադրել կու տայ, որ կայ յստակ միտում մինչեւ դեկտեմբեր մշակելու եւ հաստատելու օրէնսգիրքը, որուն հիման վրայ պիտի կայացուին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները:

Այսպէս` հայեցակարգի հիմնադրոյթներու կարեւորագոյն կէտերը.

Ընտրութիւնները պիտի կազմակերպուին 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգով, ճշդուած ցուցակներով: Վարկանշային ընտրակարգը ամբողջութեամբ կը  վերանայ:

Կուսակցութիւններուն համար անցողիկ շէմը կը սահմանուի 4 տոկոս, իսկ դաշինքներուն համար` 6 տոկոս:

Յաջորդ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կ՛ըլլայ նուազագոյնը 4 քաղաքական ուժ:

Որոշ փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուին նախընտրական քարոզչութեան խաղի կանոնները: Կը տրուին աւելի լայն հնարաւորութիւններ` քարոզչութիւն իրականացնելու, բանավէճեր կազմակերպելու եւ բանավէճերուն ընտրացուցակները գլխաւորող դէմքերուն մասնակցութիւնը ամրագրելու եւ ընդհանրապէս ընտրութիւններուն հաւասար հնարաւորութիւններ ձեւաւորելու:

Եթէ մէկ կողմէ կայ շտապողականութիւն արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները դեկտեմբերին կազմակերպելու, միւս կողմէ կայ նաեւ որոշակի նախաձեռնութիւն` կառավարութեան ծրագիրով կայացած պայմանաւորուածութիւնները չշրջանցելու:

Ծրագիրի իրականացման օրինական երաշխիքները անհրաժեշտ է անպայման ամրագրել: Այդ հիմնադրոյթները բոլորը կը հետապնդեն ըստ էութեան ժողովուրդի կամարտայայտութեան խորհրդարանին մէջ համարժէք արտացոլացումը: Վարկանշային ընտրակարգի բացառումը, անցողիկ շէմի նուազեցումը եւ ներկայացուած կուսակցութիւններու կամ դաշինքներու թիւի մէկ միաւորով բարձրացումը հանրապետութեան ժողովրդավարացման նպաստող կարեւորագոյն գործօններ են: Խորհրդարանական համակարգով ղեկավարուող հանրապետութեան մէջ խորհրդարանի կայացուցած որոշումները գերակշիռ են եւ անոնց ամբողջական իրականացումը կը բխի գործող Սահմանադրութեան ոգիէն ու տառէն: Համակարգային փոփոխութեան իրականացման նախադրեալներն են` Սահմանադրութիւնը, խորհրդարանական համակառավարման համակարգը, ընտրակարգն ու ընտրական նոր օրէնսգիրքը: Իսկ ընտրութիւններու ազատ, արդար եւ թափանցիկ կայացումը յաւելեալ նշաձող կ՛ապահովեն մեր երկրի ու պետութեան միջազգային հեղինակութեան:

Վերամուտ, Կամ` «Պեք Թու Սքուլ»

$
0
0

ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ

Արդէն իսկ սկսաւ դպրոցական նոր տարեշրջանը եւ Դիմատետրին վրայ կը տեսնենք հայկական բազմաթիւ դպրոցներու  ցուցատախտակներ, որոնք շատ գեղեցիկ եւ գրաւիչ ձեւերով զարդարուած են, բայց դժբախտաբար բարի գալուստի խօսքերուն եւ մաղթանքներուն մեծ մասը գրուած են անգլերէնով:

Ինչպէ՞ս լաւ ուսուցիչ, առաջնորդ պիտի ըլլանք մեր աշակերտներուն եւ հայեցի դաստիարակութիւն պիտի տանք, երբ մենք յաճախ մեր բառամթերքին մէջ արաբերէն կամ անգլերէն բառեր կը գործածենք եւ մեր գաղափարները ցուցատախտակներուն վրայ օտար լեզուով կ՛արտայայտենք:

Քանի՞ դպրոցներու ցուցատախտակներուն մաղթանքները անգլերէնով էին`մեսրոպեան տառերով գրելու փոխարէն: Ինչպէ՞ս պիտի ուղղենք մեզի հետեւող աշակերտները, երբ մենք չենք գիտեր ճիշդը ընել:

Մենք մեզ «իմաստուն եւ հասկցող» կը նկատենք, երբ օտար բառեր կը գործածենք:

Ինչո՞ւ չփնտռենք լաւ մաղթանքներ, խօսքեր, որոնք մեր առաջնորդները ըսած են ժամանակին, եւ այդ ձեւով առաջնորդենք, կրթենք մեր աշակերտները: Այդ խօսքերը թէ՛ մեզի կ՛օգնեն մեծնալու եւ թէ՛ կ՛առաջնորդեն հայ նորահաս սերունդը, որ արդէն իսկ սկսած է օտարանալ եւ ոչ մէկ բանով հետաքրքրուիլ:

Հայապահպանումը կը սկսի փոքր տարիքէն, մանկապարտէզին մէջ, երբ կը սկսինք սորվեցնել Մեսրոպ Մաշտոցի տառերը մեր անմեղ փոքրիկներուն, երբ անոնք մեծ հպարտութեամբ կ՛ըսեն, թէ քաջ Վարդանի թոռներն են:

Բազմաթիւ անձեր մտահոգ են հայ դպրոցով, կը փորձեն այս դժուար օրերուն պահել եւ կերտել հայ անհատը, իսկ կարգ մը «զարգացած» ուսուցիչներ օտար լեզուով կը զարդարեն իրենց ցուցատախտակները:

Այլ կէտ մը. մեր միութիւններուն մէջ կը փորձենք դաստիարակել հայ մանուկը, պատանին: Քանի մը շաբաթ առաջ պասքեթպոլի մրցաշարք կար եւ երկու խումբերն ալ հայկական էին, իսկ մրցումին ծանուցումը` անգլերէնով: Ի՞նչ տեսակի առաջնորդ ենք: Աթոռի՞ առաջնորդ, թէ՞ իսկապէս կ՛ուզենք զոհել մեր անձերը, որպէսզի կարենանք «լաւ» հայ սերունդ մը ունենալ:

Ո՞ւր է հայրենասիրութիւնը: Ինչո՞ւ մեր նախահայրերը զոհուեցան, զրկուեցան իրենց տուներէն, ստացուածքներէն: Ո՞ւր է մեր խիղճը: Ի՞նչ պիտի ըսենք ապագային, երբ հանդիպինք անոնց, որոնք իրենց կեանքերը զոհեցին պահելու հաւատք կամ լեզու:

Ո՞ւր են այն հայ մայրերը, որոնք աւազին վրայ գրելով սորվեցուցին Ա, Բ, Գ:

Ժամանակն է, որ արթննանք իբրեւ առաջնորդներ եւ փրկենք բոլոր այն հայերը, որոնք օտարութեան կ՛երթան:

Հասկցողին շատ բարեւ:

 

 

Գեղանկարչութիւն Աստծոյ Լոյսի Ներքոյ

$
0
0

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Արուեստագիտութեան դոկտոր

Օրերս լոյս տեսաւ ճանաչուած գեղանկարչուհի Նանոր Հաճեանի նորաստեղծ ժողովածուն: Նանոր Հաճեանի անունը քաջածանօթ է Լիբանանի հայութեանը` թէ՛ Պէյրութի եւ թէ՛ Այնճարում իր ունեցած բազում ցուցահանդէսներից (ընդհանրական եւ անհատական): Նաեւ` որպէս հայ մշակոյթի եւ աստուածաբանութեան հանդէպ յատուկ պաշտամունք ու մեծարանք ունեցած մտաւորականի: Հարուստ է իր ստեղծագործական կենսագրութիւնը: Տակաւին հինգ տարեկանին արդէն գծագրող Նանորը իր ուսումը ստացած է Եղիշէ Մանուկեան ու Լեւոն Սոֆիա Յակոբեան ազգային վարժարաններում: Յաճախած է Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիան եւ երկու տարի անձնական դասընթացքներ ստացած է Վանի Ղուկասեանի մօտ: Այս ուսումնական ընթացքը երիտասարդ արուեստասէր աղջկայ մէջ սերմանելով կարեւոր կրթական, մասնագիտական գիտելիքներ` նաեւ նպաստել է իր ներաշխարհի հոգեւոր, մտային, խոհավերլուծական զարգացման: Ի սկզբանէ Նանորի մէջ հիմք դրած ու հետագայում հիմնական դարձած նիւթերն էին` Աստուած, բնութիւնը, մարդ-արարածը: Հարուստ հոգեւոր եւ մշակութային աշխարհ, որը տարիների ընթացքում ստացաւ իր բարձրամակարդակ եւ իւրօրինակ զարգացումն ու արտայայտումը Նանորի վրձնի ներքոյ: Յիշատակելի է, որ 1997-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ ունեցած իր անհատական ցուցահանդէսի առիթով Արամ Ա. կաթողիկոսը գրել է. «Բարձրօրէն կը գնահատենք արուեստագիտուհի Նանորը իր աշխատանքին համար, որ իւրայատուկ նկարագիր ունի կրօնական իր բնոյթով: Կը թելադրենք, որ շարունակես նոյն այն ճամբան, մանաւանդ` այս ժամանակներուն, երբ այնքան խաթարուած են հոգեւոր եւ մշակութային արժէքները»: Ու իրապէս, ի վերուստ իրեն տրուած տաղանդի շնորհիւ, Նանորը շարունակեց եւ մինչ օրս շարունակում է իր գեղանկարչական առաքելութիւնը` դրանով զգալիօրէն հարստացնելով իր շրջապատը, մշակութասէր հանրութիւնը:

Դա մեծ դրական, բարոյական նշանակութիւն ունի, քանզի երիցս ճշմարտացի են Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքերը` մեր այս օրերում նահանջող հոգեւոր եւ մշակութային արժէքների մասին: Ուրախալի է եւ արդարացի, որ Նանոր Հաճեանի գեղանկարներն իր առաջին իսկ ցուցադրումներից արժանացել են բարձր գնահատանքի եւ ոգեշնչել են նրան գեղանկարչական կտաւն ու վրձինը դարձնել իր ողջ կեանքի անբաժան ուղեկիցներ: Ուշագրաւ է, որ Նանորի արդէն իսկ մանկապարտէզային գեղանկարներ, համբաւ ունեցան: Նրանցից մի քանիսը վաճառուեցին Անթիլիասի կաթողիկոսարանի Մարտիկեան մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի հանդէսի առիթով տեղի ունեցած ցուցահանդէսի ժամանակ:

Մեծարանքի արժանացան նաեւ տարիներ յետոյ Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի դարձեալ աշակերտական ցուցահանդէսին ներկայացուած Նանորի գեղանկարները: Մշակութասէր եւ գեղանկարչական բարձր արժէքը գնահատող հանրութեան յիշողութեան մէջ մշտապէս վառ մնացին տպաւորութիւնները, որ վայելեցին Նանոր Հաճեանի հաւաքական եւ մասնաւորապէս ուշագրաւ անհատական ցուցահանդէսներին: Դրանց թւում` «Prelude» խորագրով Galerie Samatra-ի մէջ (Պէյրութ, 1992թ.) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ (Անթիլիաս, 1997թ.) «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ (Այնճար, 2007 թ.), Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ (Պէյրութ, 2013թ.), «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ (Այնճար, 2015թ.), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ (Անթիլիաս, 2017թ.):

Ցուցահանդէսներից մէկի առիթով բարձրաճաշակ մշակութասէր մտաւորական Եսայի Հաւաթեանը գրել է. «Զգալի աշխատասիրութիւն մը եւ ճաշակ մը, որ վեր կը բարձրանայ առօրեայ կեանքէն եւ կը տեղաւորուի պաստառին վրայ` դառնալով յաւերժական վայրկեան մը` փրցուած մեր ժամանակէն: Նկարներ` քով քովի, իրարմէ տարբերող, սակայն` ներքին նոյնութեան ապացոյցը յայտնող այլազան գործեր»: Ներքին նոյնութի՜ւն… ասես` Եսայի Հաւաթեանի այս խորիմաստ խօսքերի շարունակութիւնն ու յաւելումն է Նանոր Հաճեանի հետաքրքրական, խոհափիլիսոփայական երանգ ու ներիմաստ ունեցող խոստովանութիւնը.

«Գեղանկարիչը, բանաստեղծի նման, կրնայ իր միտքերը փոխանցել ժողովուրդին, մանաւանդ եթէ այդ արուեստի գործը յիշատակներուն եւ յուշերուն վերածնունդ կու տայ: Գեղանկարիչը` բանաստեղծի նման…»: Նանոր Հաճեանի այս ճշմարիտ, իմաստուն մտքի վառ ապացոյցն է վերը յիշատակած իր նորատիպ ժողովածուն` «Հաւատով խոստովանիմ. Սբ. Ներսէս Շնորհալի» խորագրով: «Հաւատով խոստովանիմ»-ը, ինչպէս գրուած է գրքի նախաբանում, «կը համարուի ամէնօրեայ աղօթքի մի սքանչելի ստեղծագործութիւն: 24 տուներէն իւրաքանչիւրը կը վերագրուի օրուան իւրաքանչիւր ժամին եւ գրուած է պարզ, բայց միաժամանակ խորաթափանց հոգիով»: Եւ այս գեղեցիկ աստուածապաշտ իրականութիւնը մղեց գեղանկարչուհի Նանոր Հաճեանին` ստեղծել բացառիկ, նմանը չունեցող ժողովածու: Նանորը ծանօթ լինելով լայն հանրութեանը` որպէս սրբանկարիչ, հայոց պատմութեան, մշակոյթի, ազգային կեանքի տարբեր արժէքաւոր երեւոյթների գեղանկարչուհի, այս հատորում ներկայացաւ իր տաղանդի նոր դրսեւորմամբ: Այստեղ զետեղուած են իր կտաւների 24 լուսանկարները, որոնցից իւրաքանչիւրը իր իմաստային, գեղագիտական, տեսլական առումներով, վառ կերպով արտայայտում եւ պատկերում են «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթագրքի բոլոր 24 տուները: Արդարացի է նշել, որ նման երեւոյթը իրապէս բացառիկ է, նման օրինակը չունեցող եւ շատ իւրօրինակ: Մեծ խոհափիլիսոփայական, աստուածային, մարդկային ըմբռնումով, հոգու եւ մտքի մէջ վերապրելով, զգալով Ներսէս Շնորհալիի տուեալ աղօթագրքի ամէն մի հատուածը` Նանոր Հաճեանը արհեստավարժ գեղանկարչական մակարդակով գծային, գունային, ձեւականացուածքային բարի ոճով պատկերել է դրանցից իւրաքանչիւրը: Ներսէս Շնորհալիի ամէն աղօթքի իւրաքանչիւր տողն ու բառը նրբօրէն գունաւորելով Նանորի վրձնի ներքոյ` ձեռք են բերել գեղատեսիլ, իւրայատուկ իմաստ, առաւել ցայտուն եւ պատկերաւոր դարձնելով դրանց ասելիքի իմաստը: Այս ամէնով Ներսէս Շնորհալիի գրածը հարստացաւ ու նորովի երանգ ստացաւ: Տուեալ ժողովածուի միւս կարեւոր բացառիկութիւնը կայանում է նրանում, որ Նանոր Հաճեանի մտայղացմամբ այն հրատարակուած է երեք լեզուներով` հայերէն, անգլերէն, արաբերէն: Նոյնպէս, նոր երեւոյթ այս ոլորտում, որն անշուշտ` ի հպարտութիւն մեր ազգին, առաւել ճանաչմանը այլ ազգերի կողմից:

… Այսպէս յաւերժում է հայ աստուածաբանութեան մեծագոյն Շնորհալին` մարդուն պատգամած առաքելութիւնը` հաւատով խոսովանելը: Եւ` ապրել այ խոստովանութեան անկեղծ հաւատքով: Ուրեմն բարի եկաւ աշխարհ այս գիրքը եւ բարի վայելում` թէ՛ աղօթքները եւ թէ՛ դրանց նրբագեղ գեղանկարչական մարմնաւորումը վերապրող ընթերցողին:

Երեւան-Պէյրութ

Թէ Ինչպէ՛ս Ժողովուրդներու Հաւաքական Նկարագիրը Կը Փոխուի

$
0
0

ՎԱՐՈՒԺ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

1980-ականներու կէսերուն ըլլալու էր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն: Մեր տունէն մինչեւ դպրոց 10 վայրկեանուան ճամբայ էր: Արևոտ օրերուն կ՛երթայինք քալելով: Իսկ անձրեւոտ օրերուն` հովանոցով…Այդ հովանոցային օրերէն մէկն էր, երբ առտուն կանուխ տեսայ, որ Այնճարի ժամացոյցը շրջափակող պարտէզին մուտքերը հորիզոնական եւ զիրար խաչաձևող գերաններով գոցուած էին: Ներսն ալ քանի մը տասնեակ, թերևս քանի մը տասնեակէ ալ աւելի, հարիւրի հասնող կովեր…Իսկ գերաններուն դիմաց եւ պարտէզին չորս կողմը ցրուած` զինեալներ: Զինեալ ըսուածներն ալ պարզ քաղաքացիի գունաւոր հագուստներով, քալաշնիքովներ շալկած` գիւղի երիտասարդները: Կովերը դիտելով-դիտելով, ցանկապատին քովէն ճամբաս շարունակեցի` առանց տեսարանէն որեւէ բան հասկնալու…Հասկցայ միայն, երբ դպրոց հասայ: Արդէն բոլորը գիտէին: Գիւղի սահմաններուն մօտ, Տէյր Զեննունի մէջ կայք հաստատած եւ մեր դրացի արաբ եւ իրենց կրօնակից գիւղերուն հովանաւորութիւնը վայելող քոչուոր պետեւիներու կովերն էին: Բազմաթիւ անգամներ զգուշացուած էին, որ անասունները կարելի չէ արածեցնել Այնճարի հայերուն պատկանող խնձորի կամ բանջարեղէնի պարտէզներուն մէջ…Խօսք հասկցողը ո՞վ է…Յանկարծ լուր եկեր էր, որ նորէն կովերը մեր պարտէզներուն մէջ են…Տղաքը գացած եւ զէնքի ուժով կովերը հաւաքած ու բերած էին Այնճար: Կովերը հաւաքել բերելով չի վերջանար: Պէտք էր ապահովուէր կովերուն անվտանգութիւնը, կերը, առողջութիւնը, եւ այս վերջինին մէջ կ՛իյնար նաեւ զանոնք օրը-օրին կթելու գործողութիւնը…Այդ ամէնը յաջորդող օրերուն կը կատարուէր կարգապահութեամբ…Իսկ կա՞թը: Կը բաժնուէր գիւղացիներուն: Գերեվարուած կովերուն կաթը տարբեր համ ունենալու էր…Յամենայն դէպս, այդ կովերը քանի մը շաբաթ եղան գիւղին հիւրերը եւ իրենց տէրերուն հետ բանակցութիւններէ ետք վերադարձուեցան` նորէն Այնճարի պարտէզներուն չմօտենալու խոստումներու դիմաց: Ասիկա` կովերուն պատմութիւնը…Կայ նաեւ կաթին պատմութիւնը, որ երկար չէ: Այս կովերուն կաթէն բոլորը խմեցին: Մածուն, պանիր , կաթնապուր եւ չինկիլիշ ալ շինեցին, կերան: Հազա՛ր անուշ: Բայց մարդոց տեսակ մը կար, որ մէկ կողմէն կաթը կ՛առնէր, կ՛օգտուէր, իսկ միւս կողմէն ճիշդ չէր գտներ դրացի արաբ գիւղին կովերը գերի պահելու գաղափարը…Լեզունին մէկ թիզ բերաննէն դուրս` ամէն մէկը իր պատճառը ունէր Դաշնակցութիւնը բամբասելու…

Նոյն բամբասողները քանի մը շաբաթ առաջ լալով խնդրած էին գիւղի կուսակցական մարմինէն, որ ճար մը խորհին իրենց բերքերը կովերէն փրկելու համար…Մեր ժողովուրդին մէջ այս տեսակը քիչ էր…բայց աճեցաւ, շատցաւ եւ արհեստագիտութեան զարգացման մեր օրերուն սկսաւ յայտնուիլ ամէն կողմ…եւ վերէն վար ցեխի մէջ թաղուած` սկսան ցեխ նետել չցեխոտուածներուն վրայ…

Կ՛երեւի այսպէս է, որ ժամանակի ընթացքին ժողովուրդները իրենց հաւաքական նկարագիրը կը փոխեն…Տէրտէր` «Դժգոհելով, զրպարտելով, բամբասելով եւ հայհոյելով…»: Ժողովուրդ` «Մեղա՜յ Աստուծոյ»…»:

 

 

 

 

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ֆրանսական յեղափոխութենէն ի վեր «հայրենիք»-ի ըմբռնումը մարդու եւ հողի յարաբերութենէն փոխադրուած է տեսութիւններու, տնտեսութեան, կայսերական-տիրակալութեան եւ այլ մակարդակներ: Չարչրկուած է, եւ այդպէս ալ կը շարունակուի:

Միաժամանակ, հայրենիքի մը հողին եւ շրջապատին մէջ դարերուն ընթացքին ձեւաւորուած զանազան ինքնուրոյնութիւններով բնորոշուող մարդէն, նոյն եւ տարբեր, վարդապետութիւններ եւ տեսութիւններ փորձած են վերացնել տարբերը: Բթամիտ պէտք է ըլլալ անգիտանալու համար, որ մոլորակին վրայ անցեալին եւ այսօր կան տարբերութիւններ, որոնցմով ապրած են մարդիկ եւ պիտի շարունակեն ապրիլ: Ֆրանսացի բանաստեղծ Պուալօ կ’ըսէր. «Վանեցէ՛ք բնականը, ան քառասմբակ կը վերադառնայ»:

Հայրենիքը փերեզակի կրպակ չէ, զոր կարելի ըլլայ փոխադրել մէկ փողոցէ միւսը, մէկ քաղաքէ միւսը, մէկ երկրէ միւսը:Ան սոսկ հողամաս մը չէ, որ կարելի է գնել քիչ մը ամէն տեղ` Հնդկաստան, Նոր Զելանտա, Յունաստան, Ամերիկաներ…որուն վրայ կարելի ըլլայ բամպակ աճեցնել, ոչխարի հօտեր ունենալ: Ծննդավայրն անգամ հայրենիք չէ, քանի որ ծննդավայրը պատահականութեան արդիւնք է: Ժամանակացոյցի ծինային արկած: Նաւու վրայ ծնողը չի կրնար ըսել, որ նաւը հայրենիք է:

Հայրենիքը նախահայրերու հող եւ յիշատակ է, յիշողութիւն, քանի որ հոն ծաւալած է անոնց կեանքը, զոր կը կոչենք պատմութիւն, ան գրուած ըլլայ կամ չըլլայ, որ տեւաբար մեզի պէտք է յուշէ, կը յուշէ, որ այլ մոլորակային չենք, ժառանգ եւ շարունակութիւն ենք: Այս գիտակցութիւնը զգացողութիւն է, օրուան եւ տարուան իմաստաւորում, զոր կը զգանք, եթէ այլասերած չենք, զոր այնքա՜ն լաւ կ’արտայայտեն բանաստեղծները, որոնք կը խօսին մեր փոխարէն, կ’ըսեն, ինչ որ մենք չենք յաջողիր բառի վերածել:

Հայրենիքը հայրերու հողն է, այն քուրան, ուր ապրած են, կեանք ստեղծած եւ շարունակութիւն ապահոված, յաճախ նաեւ` իրենց կեանքին գնով, մեր նախահայրերը: Անոնք դաջած են ժայռերը, սրբացուցած, առասպել դարձուցած` որպէս հետք իրենց անցքին: Անոնք այսօր կը նոյնանան մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, եթէ չենք վերածուած ծագումով հայու, եթէ հոգեպէս խեղճանալով`  չենք ընդունած այն գործնապաշտութիւնը, որ ծագումով հայ ըլլալը մեր ապագան է, այսինքն` որպէս ինքնութիւն անհետացում ընկերութեան կեանքէն եւ պատմութեան բեմէն:

Հայրենիքը վարձու սենեակ չէ, որ կարելի ըլլայ փոխել, երթալ Հոնք Քոնկ, Ֆլորիտա կամ Հոնոլուլու: Հայրենիքը ո՛չ շոր է, ո՛չ ալ քսակ, որ կարելի ըլլայ շալկել, օդանաւ նստիլ եւ նոր հայրենիք փնտռել կամ նոր հայրենիք երթալ, ինչպէս լսեցի արտագաղթող մօր մը բերնէն:

ԺԹ. դարու ֆրանսացի մեծ գրող Կիւթաւ Ֆլոպեր` «Մատամ Պովարի» եւ «Սալամպօ» վէպերուն հեղինակը, մեզմէ իւրաքանչիւրը մտածելու հրաւիրող խօսք ունի: Կ’ըսէ. «Հայրենիքը կօշիկի ներբանով եւ կրունկով չի տարուիր: Հայրենիքը կը տանին, ինչ որ ալ ըսած ըլլայ Տանթոն, ներբանով եւ կրունկով եւ զայն անգիտակցաբար կը տանին սրտին հետ, փոշին մեռած նախնիներու»:

Բանաստեղծները հզօր ներիմացումով հասկցած են հայրենիքի էական նշանակութիւնը մարդու կեանքին մէջ: Երբեմն կը կարդանք այդ բանաստեղծութիւնները` հայերէն կամ օտար լեզուով, կը տարուինք բառերու եւ տողերու հմայքով` առանց զանոնք բանալու կեանքի իրականութեան եւ իմաստին վրայ:

Լամարթին` ԺԹ. դարու ֆրանսացի վիպապաշտ մեծ բանաստեղծը, չէ խօսած միայն սիրոյ եւ գողտրիկ զգացումներու մասին: Խօսած է նաեւ հայրենիքի մասին` որպէս ապրում եւ ոգեկանութիւն: Փորձեցի թարգմանել երեք քառեակներ, որոնք այնքա՜ն դիպուկ են գաղթականներու, աքսորականներու եւ վտարանդիներու հոգեկան աշխարհը զգալու եւ հասկնալու համար:

Ինչո՞ւ արտասանել անունը այս հայրենիքին:
Իր փայլուն աքսորին մէջ անով սիրտս դողաց,
Ան հեռուն կը թրթռայ հոգւոյս մէջ յուզուած,
Ինչպէս` ծանօթ քայլը կամ ձայնը բարեկամի:

Տարիներու սեւցուցած պատեր, բլուրներ, կածան արագ,
Աղբիւր` ուր հովիւներ հերթով պպզած
Կը սպասէին հազուագիւտ ջուրը կաթիլ առ կաթիլ,
Եւ սափորը իրենց ձեռքին կը զրուցէին օրուան մասին:

Հիւղ` ուր կը ճարճատէր բոցը բուխերիկին,
Երդիք, զոր ուխտաւորը կը սիրէր տեսնել մխալ:
Անհոգի առարկաներ, ուրեմն հոգի մը ունի՞ք,
Որ կը կապուի մեր հոգիին եւ կը ստիպէ սիրել:

Երբ կը դադրինք հայրենիքը լսելէ, երբ զայն կը շփոթենք կրպակի կամ վարձու սենեակի հետ, կը դառնանք իր անունը չըսող գնչու:

Այնքա՜ն կը սիրենք Եղիշէ Չարենցի անունը եւ խօսքերը, կը ծափահարենք, բայց անոր տողերու խորհուրդը կը թողունք դրան շեմին, որպէսզի յանկարծ ստիպուած չըլլանք մենք մեզի եւ մեր նախահայրերուն հաշիւ տալու:

Մենք մեզի հետ հաշտ ըլլալու եւ մենք մեզի հաշիւ տուողի պէս կրկին լսենք Չարենցի այնքան ծանօթ բանաստեղծութիւնը.

Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում,
Մեր հին սազի ողբանուագ լարն եմ սիրում,
Արնանման ծաղիկների ու վարդերի բոյրը վառման,
Ու նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն պա՛րն եմ սիրում:

Սիրում եմ մեր երկինքը մուգ, ջրերը ջինջ, լիճը լուսէ,
Արեւն ամրան ու ձմեռուայ վիշապաձայն բուքը վսեմ,
Մթում կորած խրճիթների անհիւրընկալ պատերը սեւ,
Ու հնամեայ քաղաքների հազարամեայ քա՛րն եմ սիրում:

Ո՛ւր էլ լինեմ – չեմ մոռանայ ես ողբաձայն երգերը մեր,
Չե՛մ մոռանայ աղօթք դարձած երկաթագիր գրքերը մեր,
Ինչքան էլ սո՜ւր սիրտս խոցեն արիւնաքամ վէրքերը մեր –
Էլի՜ ես որբ ու արնավառ իմ Հայաստան – եա՛րն եմ սիրում:

Իմ կարօտած սրտի համար ո՛չ մի ուրիշ հէքիաթ չկայ.
Նարեկացու, Քուչակի պէս լուսապսակ ճակատ չկայ.
Աշխա՛րհ անցի՛ր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ.
Ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ` ես իմ Մասիս սա՛րն եմ սիրում:

Ինչպէ՞ս Չարենցի սէրը կրնանք բաժնել, կենսագործել, չըլլալ թատրոնի հանդիսատես: Այդ սէրը փուճ է, եթէ հայրենատիրութիւն չէ: Փուճ աղմուկ է, հեռաւոր աշխարհներ երթալ եւ Արարատի գագաթը մոմ վառել, կամ` երազել Լուսաւորչի կանթեղը եւ անոնց լոյսով ու բոցով ջերմանալ:

Այսօր, աւելի քան երբեք, մեր բազմահազարամեայ պատմութեան մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրը ընտրութիւն պէտք է կատարէ, ուզէ ընտրութիւն կատարել` առանց լեզուագարութիւններու, որպէսզի Չարենցի երկնած «սէրեր»-ը չըլլան գեղօր, գաղթականի այրած կամ չայրած սրտերու բալասան:

Իսկ ի՞նչ է այդ ընտրանքը, որ պիտի իմաստաւորէ մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքը` վերջ տալով թափառականի, գնչուի ինքնամխիթարութեան համար կրկնուող, առանց առարկայի հայրենասիրութեան-բարեսիրութեան եւ «տուրիզմ»-ին:

Ճշմարտութեան ժամը պէտք է հնչէ իւրաքանչիւր հայու համար, Հայաստան եւ սփիւռքներ:

Հոգեպարար ճառով ո՛չ ազգ կը պահուի ո՛չ ալ հայրենիք:

Այսքան ճշմարտութիւն պարտական ենք մենք մեզի, մեր ժողովուրդին, մեր պատմութեան եւ հայրենիքին:Անով պէտք է չափենք մեզմէ իւրաքանչիւրը, հայն ու հայածնունդը:

Այսինքն` համազգային քաղաքականութիւն դարձնել արտագաղթ-աղէտի դէմ պայքարը եւ անսեթեւեթ հայրենադարձութիւնը: Պարզապէս գիտնալով, որ հողը տիրոջ պէտք ունի, եւ անոր տէր կարելի չէ ըլլալ վարձկաններով:

Ինչպէս յաճախ կը կրկնեմ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի տնօրէն Ֆետերիքօ Մայորի խօսքը` վաղը միշտ ուշ է:

Այս խօսքը ինչպէ՞ս հասցնել իւրաքանչիւրին` իր յարկին տակ:

27 սեպտեմբեր 2018, Երեւան

 

Ով Է Դաշնակցականը, Դաշնակցականի Մերօրեայ Առաքելութիւնը Հայրենիքում

$
0
0

ՆՈԷԼ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բազմաթիւ մտաւորականներ, ղեկավար դէմքեր եւ տեսաբաններ տարբեր ժամանակաշրջաններում փորձել են բնորոշել դաշնակցական մարդու կերպարը, նրա կազմակերպական, գաղափարական եւ բարոյական յատկանիշները, մի խօսքով` դաշնակցականի դիմագիծը:

Հաշուի առնելով այն փաստը, որ որեւէ կազմակերպութեան առաջադրած նպատակի իրագործումը եւ գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը ուղղակիօրէն շաղկապուած է մարդկային որակեալ գործօնի հետ, բնական է յեղափոխական եւ քաղաքական պայքարի հարուստ կենսափորձով ՀՅ Դաշնակցութեան մտաւորականութեան նման վարքագիծը, որը յստակ նպատակ է հետապնդել պայքարի յաջորդական փուլերում նոր լիցք հաղորդել Դաշնակցութեան շարքերին, վերափոխելով կազմակերպական իրավիճակը` այն համահունչ դարձնել տուեալ ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրների պահանջին:

Նախ` մի քանի հաստատումներ.

– Դաշնակցականի տիպարը բնորոշող որեւէ փորձ մեր շարքերում կաղապարուած դիմագիծ (եւ ինչպէս Աղբալեանն է բնորոշել) «միօրինակ տիպարների մի ձանձրալի բազմութիւն» ստեղծելու նպատակ չի հետապնդել:

– Դաշնակցութեան յեղափոխական գործունէութեան առաջին երեսնամեակի (1890-1920) փայլուն ժամանակահատուածում, սեփական հայրենիքում պայքարելու կարելիութիւնը, ազատագրական պայքարին լծուած բազմահազար նուիրեալների փաղանգը, կազմակերպական կուռ կարգապահութիւնն ու յեղափոխականի բարոյականութեան հենքի վրայ զարգացած արժէքային համակարգը դաշնակցականի կերպարը շարունակաբար հարստացնող եւ բիւրեղացնող գործօններն էին: Յստակօրէն ուրուագծուած էր դաշնակցականի ե՛ւ գործունէութեան դաշտը, ե՛ւ յեղափոխական պայքարին համապատասխանող տիպարը:

Նշուած ժամանակաշրջանում, փոքրաթիւ բացառութիւններով, դաշնակցական մարդու մօտ անյարիր երեւոյթներ էին` կազմակերպական խարխափումները, անորոշութիւնները, եսակեդրոն տրամադրութիւնները եւ այլն: Յեղափոխական պայքարի ստեղծած մթնոլորտը թելադրող էր եւ ուղենշային: Հետեւաբար դաշնակցական մարդը` ղեկավար հանգամանքում թէ համեստ ֆիտային, ռամիկ գիւղացին թէ մտաւորական գործիչը, արժէքային միեւնոյն համակարգը ներկայացնող տիպարներ էին:

Պատմական երկու բեկումնային շրջաններում, առաջինը` Հայաստանի խորհրդայնացումից եւ Դաշնակցութեան տարագրումից յետոյ (1920-1930 թթ.), իսկ երկրորդը` մեր նորագոյն պատմութեան շրջադարձային հանգրուանում` 1970-ական թուականներին, Դաշնակցութեան ղեկավարութեան եւ մտաւորականութեան մօտ յոյժ կարեւորութիւն ստացաւ ՀՅԴ առաջադրած ընդհանուր նպատակների շրջագծում դաշնակցական մարդուն կազմակերպական եւ գաղափարական նոր աւիւնով վերազինելու վարքագիծը:

Բազմաթիւ են այն նուիրեալները, որոնց գաղափարների եւ մտքերի ներգործօն ազդեցութեամբ, շարունակաբար թարմացել եւ վերաորակաւորուել է դաշնակցական մարդու դիմագիծը` Ռուբէն, Վարանդեան, Աղբալեան, Նաւասարդեան, Բ. Փափազեան, Տասնապետեան, Զէյթլեան, Մարուխեան եւ` տասնեակ այլ ղեկավարներ եւ մտաւորականներ, որոնք անուրանալի հետք են թողել այս գործում:

Այստեղ հարկ ենք համարում ընդգծել, որ դաշնակցականի դիմագիծը բնորոշող բազմաթիւ աշխատութիւններից համապարփակ մօտեցման պատճառով առանձնանում են Ն. Աղբալեանի «Մտածումներ ՀՅԴ-ի մասին» 1928 թ. եւ Հ. Տասնապետեանի «Ո՞վ է դաշնակցականը» 1975 թ. աշխատութիւնները:

Ուշագրաւ է այն հանգամանքը, որ դաշնակցականի տիպարը բնութագրող կոթողային վերոնշեալ աշխատութիւնները, այսօր եւս այժմէական են իրենց բովանդակութեամբ, կազմակերպական-գաղափարական շեշտադրումներով եւ դաշնակցական մարդու առանցքային յատկանիշները լաւագոյնս ներկայացնելու տեսակէտից:

Հետեւաբար օգտաւէտ եւ ուսանելի են ոչ միայն ՀՅԴ շարքեր մուտք գործող նորամուտ դաշնակցականների, այլ նաեւ` աւագ սերնդի համար: Պարզ է անշուշտ, որ սա չի նշանակում, թէ կաղապարուած է դաշնակցականի դիմագիծը եւ ստացել է վերջնական ձեւակերպում, եւ որ` ենթակայ չէ նոր իրողութիւնների եւ զարգացումների հնարաւոր ազդեցութիւնների:

Վերջին տարիներին, ներազգային եւ միջազգային զարգացումների եւ նոր իրողութիւնների լոյսի ներքոյ, դաշնակցականի դիմագիծը ենթարկուել է միմիանց հակասող դրական եւ բացասական գործօնների ազդեցութեանը: Մի կողմից վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ազատագրուած Արցախի քաղաքական, տնտեսական եւ անվտանգութեան ոլորտներում Դաշնակցութեան ամբողջ ընտանիքի անդուլ պայքարն ու հզօր դերակատարութիւնը` իր դրական լիցքով, միւս կողմից` կազմակերպական եւ գաղափարական մեր համոզումները ջլատող Նոր-ազատական գաղափարախօսութեան համաշխարհային տարածումը եւ դրա նշոյլներն ու հետքերը հայկական իրականութեան մէջ, որոնց դէմ պայքարը մեծ ճիգ, եռանդ եւ ներդրում է պահանջում:

Անկասկած վերոնշեալ պայքարի առաջամարտիկը դաշնակցական մարդն է: Նա է մեր կազմակերպութեան արդիւնաւէտ գործունէութեան շարժիչ ուժը, հետեւաբար նրա դիմագծի անաղարտ պահպանման եւ բիւրեղացման հետ է շաղկապուած Դաշնակցութեան շարունակականութիւնը:

Դաշնակցութեան կենսունակութեան հիմքը նրա կազմակերպական ապակենդրոն եւ ժողովրդավար միջավայրը, ծրագիրն ու կանոնագիրն են: Այլ խօսքով` կազմակերպական ապակեդրոնացումը, բայց` գաղափարական եւ բարոյական կեդրոնացումը:

Բոլոր կազմակերպութիւնների մօտ, որոշակի տարբերութիւններով հանդերձ, գոյութիւն ունեն հասարակաց մօտեցումներ, անդամների ու մարմինների իրաւունքների եւ պարտաւորութիւնների համակարգուած սկզբունքներ` աշխատանքային սահուն ընթացքն ապահովելու եւ առաջադրուած նպատակները իրագործելու համար: Սա ընդհանուր օրինաչափութիւն է եւ նախապայման` միեւնոյն ծրագրի եւ նպատակի շուրջ համախմբուած մարդկանց համադրուած աշխատանքի համար: Հաւանաբար ոմանց թուում է, որ սա ժամանակավրէպ հասկացողութիւն է: Սակայն բոլորովին այդպէս չէ:

Նոյնիսկ ժամանակակից աշխարհում, երբ մի կողմից համաշխարհայնացումը եւ միջազգային մակարդակում գերակայ Նոր-ազատական գաղափարախօսութիւնը նպաստում են հասարակական եւ տնտեսական ոլորտներում անհատական սանձարձակ ազատութիւններին, իսկ միւս կողմից` համացանցն ու արհեստագիտական զարգացումները մարդու համար ստեղծել են անձնական եւ հասարակական յարաբերութիւնների «անհակակշռելի» հսկայական հնարաւորութիւններ, կազմակերպական կեանքի օրինաչափութիւնները մնում են նոյնը:

Այս փաստի գիտակցումը դաշնակցական մարդու կազմակերպական դիմագիծը բիւրեղացնող կարեւոր գործօններից է, որը ենթադրում է մի կողմից հաշուի առնել ժամանակակից մարդու վարքագիծն ու տրամադրութիւնները, միւս կողմից` չանտեսել կազմակերպական կեանքը բնականոն հունի մէջ պահելու օրինաչափութիւնները:

Միեւնոյն պատճառով դաշնակցական մարդը գիտակցում է, որ անհրաժեշտ է անձնական նախասիրութիւնները, ձգտումները, յանձնառութիւններն ու գործողութիւնները կազմակերպական միջավայր տեղափոխել` գիտակցելով, որ չկան գաղափարական եւ բարոյական յաղթանակներ` առանց կազմակերպական հզօր կառոյցների:

Այլ կազմակերպութիւնների անդամներից դաշնակցականը տարբերւում է իր գաղափարական եւ բարոյական յատկանիշներով:

Մեր օրերում դաշնակցական մարդու գաղափարական դիմագիծը հարստացնող առանցքային գործօնը ազատ ու անկախ Հայաստանի եւ ազատագրուած Արցախի Հանրապետութիւններն են: Առաջին հանրապետութեան տարիներից յետոյ առաջին անգամը լինելով` Դաշնակցութիւնը գործնական հնարաւորութիւն է ստացել աշխատելու սեփական հայրենիքում, սատարելու Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնների պետականութեան հզօրացմանը, ազգային անվտանգութեանն ու տնտեսութեան զարգացմանը` նոր բովանդակութիւն հաղորդելով իր գաղափարական պատկանելութեանը եւ քաղաքական պայքարին:

Դաշնակցական մարդու գաղափարապաշտութեան առանցքը ՀՀ-ի մէջ ընկերային արդարութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ ազգային գաղափարախօսութիւնը վտանգող հասարակական արատաւոր երեւոյթների դէմ պայքարն է: Նա գործնական հնարաւորութիւն ունի նաեւ յեղաշրջելու Հայաստանի հասարակական կեանքը ծրագրային իր առաջադրանքներով, իրագործելու` արդար, ժողովրդավար եւ ընկերվարական համակարգ: Դեռ աւելի՛ն. մեր գաղափարական արժէքների վրայ խարսխուած այս պայքարը դաշնակցական մարդու այլ յատկանիշի` նրա բարոյական դիմագիծը հարստացնող գործօն է. բարոյական անաղարտ դիմագիծ, որը կերտուել է Դաշնակցութեան պատմութեան դրուագների, հազարաւոր նուիրեալների սխրանքների, ինքնանուիրումի եւ ղեկավարութեան առաջնորդող կամքի, զոհաբերութեան ոգու եւ անանձնական կեանքի շնորհիւ:

Կազմակերպական, գաղափարական եւ բարոյական անզուգական այս յատկանիշներն են, որ 128 տարի շարունակ դաշնակցական մարդուն մղել են`

– զոհաբերել սեփական կեանքը յանուն հայրենիքի ազատագրութեան,

– պայքարել անսակարկ նուիրումով,

– Ծառայել հայ ժողովրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեանը:

Եւ այս ամբողջը իրագործուել է ամէն օր մի քիչ աւելի դաշնակցական դառնալով:

«Դրօշակ»
30 սեպտեմբեր 2018, Նոր Ջուղա


Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մութ Ամպեր` Մեր Հայրենիքի Երկինքին Վրայ

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ապրիլ 2018, յետ երկար տարիներ դժգոհանքի, հայրենի մեր վեհ քոյրերն ու եղբայրները աննախընթաց միասնական կեցուածքով դիմեցին խաղաղ ցոյցերու` կոչելով զայն «Թաւշեայ յեղափոխութիւն», թօթափելով օրուան ղեկավար վարչապետը եւ ընտրելով յարգարժան Նիկոլ Փաշինեանը` իբրեւ իրենց առաջնորդ, ղեկավար, վարչապետ:

Արդար պոռթկում մըն էր մեր եղբայրներուն կողմէ, որովհետեւ բացայայտօրէն հայրենիքը վերանկախացումէ ի վեր կը գտնուէր, դժբախտաբար, կարգ մը անհատներու կամ խմբակցութիւններու ներքին գերիշխանութեան տակ: Ափսոս, որ 27 երկար տարիներ մեր վերանկախացած հայրենիքը իր ամբողջ հաստատութիւններով, արտաքին թէ ներքին քաղաքականութեամբ եղաւ գերին այդ կազմակերպութիւններուն:

Նոր հոգեվիճակ, նոր յոյսեր, նոր խոյանք` դէպի պայծառ ապագայ: Այս էր օրուան նշանաբանն ու կարգախօսը: Յոյսի նոր նշոյլներ փայլփլեցան մեր սրտերուն մէջ: Այս նոր իրավիճակը յոյս ներշնչեց ողջ հայութեան, ի մասնաւորի` սփիւռքահայուն, որ յուսաբեկուած էր «երազային հայրենիքի» տեսլականէն: Բայց, ափսո՜ս, որ 6 ամիս վերջ հարցը բոլորովին ուրիշ ընթացք մը ստացաւ: Կարգախօսը փոխուեցաւ,եւ եղբայրատեաց լոզունգները բարձրացան: Կա՛ց, եղբա՛յր, կա՛ց: Դուք դէպի ո՞ւր կ’առաջնորդէք այս ժողովուրդը: Նախատինք, հայհոյանք, վարկաբեկիչ ածականներով չէ, որ մենք միասին, ձեռք ձեռքի հայրենիք պիտի կերտենք: Այս բոլորը դժբախտաբար, ինծի կը յիշեցնեն 1920-ի հայրենիքի մէջ կամ 1958-ի Լիբանանի մէջի անիծեալ մթնոլորտը, որ առաջնորդեց անընդունելի արարքներու: Ժամանակը անցաւ, բայց մենք դժբախտաբար չենք սորված մեր անցեալի սխալներէն: Մենք հարուստ մշակոյթով, զարգացած, ընտիր մտքերու տէր ժողովուրդ ենք: Մեր անցեալի պատմութիւնը կը վկայէ մեր մասին: Կիրքերէն դուրս ելլենք եւ քաղաքակրթուած կերպով զիրար փորձենք հասկնալ: Ո՞ւր մնացին երկուան սրտառուչ ու ազգասիրական խոստումները` արտասանուած Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Տակաւին Արցախի մեր հերոս նահատակ զինուորին արիւնը չչորցաւ, եւ արդէն իսկ մենք զիրար քարկոծելո՞ւ սկսանք:

Սփիւռքը իր բոլոր գունաւորումներով եւ կազմակերպութիւններով երկար տարիներ մարտնչեցաւ եւ իր ընտիր զաւակներուն արիւնը թափելով` նահատակուեցաւ իր ազգին եւ հայրենիքին համար, բայց այսօր ստոյգ կերպով «սխալ» արձագանգներ կու գան հայրենիքէն, «անտեղի» եւ «անհիմն» անբաստանութիւններ կ՛ըլլան: Պահ մը պիտի ուզէի չհաւատալ այդ լսուած խօսքերուն, որովհետեւ ոչ միայն վարկաբեկիչ են, այլ նաեւ լեցուն են թոյնով:

Մեր հայրենի եղբայրները ունին իրենց կարծիքը, որ յարգենք անյապաղ, բայց որեւէ կերպով ընդունելի չէ իրենց եղբայրատեաց ածականները այս կամ այն ազգային կուսակցութեան հանդէպ: Այսօր, աւելի քան երբեք, ազգը պէտք ունի իր բոլոր զաւակներուն: Օրուան նշանաբանը պէտք է ըլլայ միասնականութիւնը: Տակաւին հայրենիքը պաշարուած է դարաւոր նոյն թշնամիով, իսկ սփիւռքը կը պայքարի դարաւոր նոյն թշնամիին դէմ, որուն անունն է ձուլում: Արդօք տակաւին որքա՞ն զոհ պէտք է տանք եւ որքա՞ն արցունք թափենք, որ սթափինք եւ արթննանք: Կ՛ուզեմ Քրիստափոր Միքայէլեանի խօսքը մէջբերել, որ կ՛ըսէ. «Մեզ մնում է երկուսից մէկը… կա՛մ սեփական ձեռքով թաղել մեր դատը, կա՛մ թէ շարունակել մեր կռիւը»: Արդարեւ, մենք կ՛ընտրենք անտարակոյս եւ անյապաղ միասնաբար կռիւը շարունակելը` ի յարգանք մեր նահատակ հայորդիներուն, ներշնչուելով եւ առաջնորդուելով Արամ Ա. կաթողիկոսի խորախորհուրդ թելադրանքէն, որ կ՛ըսէ. «Զաւակնե՛ր նոյն եւ մէկ ժողովուրդի ու հայրենիքի, եկէք եւ միասնաբար քալենք սիրոյ եւ օրէնքի ճամբէն` փոխադարձ յարգանքով ու հասկացողութեամբ եւ մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը եւ հայրենիքի անվտանգութիւնը ամէն բանէ առաջ եւ վեր դաւանելով»:

Ապրի՛ք, ապրի՛ հայ ազգը:

 

 

Սէրն Ու Համերաշխութիւնն Այս Օրերին

$
0
0

ՎԱՀԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Սէր նշանակում է սիրել, ոեւէ մէկի հետ հաշտ ու բարեացակամ յարաբերութիւն ունենալ, բարեկամաբար վարուել, համակրել, յարգել եւ…

Համերաշխութիւն նշանակում է հաշտ, համաձայն եւ միաբան լինել, կարծիքների գործելակերպի մէջ համաձայնութիւն ունենալ եւ…

Իսկ յեղափոխութիւն նշանակում է փոփոխութիւն, մի վիճակից ուրիշ վիճակի փոխուել, բարեփոխել, վատից դէպի լաւը գնալ եւ…

Վերջին քանի ամիսների ընթացքում,  Հայաստանում տեղի ունեցած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ից յետոյ, յաճախ ենք լսում վերոնշեալ բառերը, որոնք այնպէս էլ մնացին միայն բառեր. յատկապէս այս օրերին, հայրենիքում, ոչ մի նշոյլ անգամ չկայ սիրոյ եւ համերաշխութեան մթնոլորտից, ինչը, դժբախտաբար, վարչապետի ու նրա խմբակիցների կողմից կատարուած յայտարարութիւնների ու գործելաոճի հետեւանքն է:

Հայաստանում տեղի ունեցած փոփոխութիւնները, սիրոյ եւ համերաշխութեան մթնոլորտից բացի երկրում պէտք էր ամրագրէին ժողովրդավարութիւն ու արդարութիւն, բայց, արի ու տես, որ դա էլ չիրականացաւ:

Ներկայ դրութեամբ, նկատւում են այնպիսի երեւոյթներ, որոնք ոչ միայն չեն համապատասխանում սէր, համերաշխութիւն եւ յեղափոխութիւն բառերի իմաստներին, այլեւ տարանջատում եւ շերտաւորում են հայ ժողովրդին` նրանց «սեւերի ու սպիտակների» եւ «յեղափոխականների ու հակայեղափոխականների» խմբերի բաժանելով:

Այս օրերին Հայաստանը ոչ թէ գնում է դէպի ժողովրդավարութիւն, այլ սլանում է դէպի անբոխավարութիւն, երկրում ոչ թէ փորձեր են կատարւում արդարութեան հաստատման ուղղութեամբ, այլ ջանքեր են գործադրւում հակաօրինականութեամբ իրականացնելու սեփական նպատակները: Դէպի սիրոյ եւ համերաշխութեան մթնոլորտ ժողովրդին առաջնորդելու փոխարէն` նրանց սովորեցնում են պահանջները ներկայացնել անօրինական ճանապարհով եւ ամենագռեհիկ ձեւով չյարգել ցանկացած անհատի` անկախ այն հանգամանքից,  թէ նա կին է, ազգային հերոս, խորհրդարանի պատգամաւոր կամ…

Այսօր իշխանութեան գլուխն անցած անհատները ոչ մի բանով չեն տարբերւում նախորդներից: Նրանք էլ ամէն կերպ ուզում են իշխանութիւնը պահել իրենց բռում, լինի ամբոխավարութեամբ, սահմանադրութեան փոփոխութեամբ կամ հակաօրինական այլ ճանապարհներով: Ցաւօք, այս ամէնը, երկիրը դէպի փայլուն ապագայ տանելու փոխարէն, իջեցնելու է նրա հեղինակութիւնը եւ երկրում հաստատելու է բռնապետութիւն, որն ի վերջոյ հիասթափեցնելու է յեղափոխութեանը հաւատ ընծայած ժողովրդին:

Հարաւային Ափրիկէյի նախագահ Նելսոն Մանտելան, երբ ազատուեց յեղաշրջման մեղադրանքով շուրջ 27 տարուայ բանտարկութիւնից, եւ երկրում յեղափոխութիւն տեղի ունեցաւ, համաներում շնորհեց` համոզուած լինելով, որ վրէժխնդրութեամբ չի կարելի երկրում խաղաղութիւն հաստատել: Նա անգամ նախագահականի աշխատակազմում ոչ մի փոփոխութիւն չիրականացրեց:

Յուսանք, որ մեր երկրի վարչապետը վերջ ի վերջոյ գիտակցելու է, որ ինքը ամենասկզբում երկրի վարչապետ է եւ ոչ թէ յեղափոխութեան առաջնորդ եւ վարչապետի հանգամանքից ելնելով` պէտք է անձամբ առաջին պաշտպանն ու գործադրողը լինի օրէնքի ու սահմանադրութեան եւ չհրահրելով սեփական ժողովրդին` սէր, համերաշխութիւն ու հանդուրժողականութիւն սերմանի նրանց միջեւ. պէտք է իր շուրջ համախմբի բոլորին` յանուն երկրի բարգաւաճման ու անարդարութեան իսպառ վերացման:

Մեր` բոլորիս պարտքն է, որ միմեանց թեւ ու թիկունք հանդիսանալով, աշխատենք մէկ ընտանիքի պէս` յանուն հայ ազգի ու Հայաստանի, որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի ժողովրդի յեղափոխութիւնը, երկրում տիրի սէր եւ համերաշխութիւն, հայ ժողովուրդը մի անգամ եւս չհիասթափուի իշխանութիւնից եւ, ամենակարեւորը, կերտուի արդար եւ ժողովրդավար հայրենիք:

6 հոկտեմբեր 2018
Նոր Ջուղա

Մահացած Է Արայիկ Խանդոյեանը

$
0
0

Արայիկ Խանդոյանը ծնած է 1971 թուականի ապրիլ 19-ին, Արագածոտնի մարզի Վերին Սասունիկ գիւղը: Ան արցախեան պատերազմի մասնակից է, ազատամարտիկ: «Հիմնադիր խորհրդարան» կազմակերպութեան եւ «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամ էր:

Արայիկ Խանդոյեանի կերպարը արցախեան ազատամարտի յայտնի խորհրդանիշներէն է: 17 տարեկան հասակին արցախեան շարժումի սկզբնական շրջանին Ծաղկահովիտ գիւղին մօտակայքը տեղակայուած ԽՍՀՄ զինուած ուժերու ռազմական խարիսխէն զէնք եւ զինամթերք կը հայթայթէր հայկական կամաւորական ջոկատներուն տրամադրելու նպատակով: 1989-ին կը զօրակոչուի ԽՍՀՄ բանակ, սակայն 1990-ին արձակուրդ կը վերցնէ և այլեւս չի վերադառնար: Կը մեկնի Արցախ եւ կը միանայ հայկական կամաւորական ջոկատներուն: 1994-ի հրադադարէն ետք իր երկու եղբայրներուն հետ միասին ծառայութիւնը կը շարունակէ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերուն մէջ:

ՊՊԾ գունդի գործով ամբաստանեալ Արայիկ Խանդոյեանին նկատմամբ կիրարկուող խափանման միջոցը` կալանաւորումը, փոխուած էր 2018-ի օգոստոս 17-ին:

Արայիկ Խանդոյանը ամուսնացած էր, ունի 5 երեխայ:

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամբոխային Մարտավարութի՞ւն, Թէ՞…

$
0
0

«Քուէ մը հրացանի կը նմանի. անոր օգտակարութիւնը կախուած է գործածողին խառնուածքէն» («A vote is like a rifle: its usefulness depends upon the character of the user».)

Թէոտոր Ռուզվելթ (1858-1919)

Հայ կեանքին մէջ, դժբախտաբար, վերջերս հետզհետէ աւելի յաճախ պայթուցիկ, թէժ եւ ճգնաժամային իրավիճակներ կը ստեղծուին:

Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ, Փաշինեան-Փութին հանդիպումէն երկու օր ետք եւ Երեւանի աւագանիի ընտրութենէն օրեր առաջ, խիստ կարեւոր ու խորհրդապահական հեռախօսական զրոյցներու հրապարակումը կատարուեցաւ` ակնթարթի մը մէջ ահաւոր կացութիւն մը ստեղծելով:

Բաւական հանդարտելէ ետք, ահաւասիկ ամիս մը ետք, շատ աւելի դժնդակ մթնոլորտ մը կը տիրէ Երեւանի մէջ, Ազգային Ժողովի կանոնակարգային օրէնքին մէջ աղմկայարոյց փոփոխութիւններու պատճառով:

Երեւանեան գունագեղ երկինքը փոխարինուած է քաղաքական բնագաւառէն բազմիցս մատնանշուած «սեւ ու սպիտակ»-ի խառնուրդով` մոխրագոյնով:

Քաղաքական օդերեւութաբանական պայմաններու տակ, այս գորշ ամպերու կուտակումը կրնայ պատճառ դառնալ հեղեղային անձրեւի եւ մրրիկի:

Այո՛, երբեք կարելի չէ քննադատել, քարկոծել ու մեղադրել ամբոխ մը, որ հաւատալով իր ղեկավարին կամ ղեկավարութեան  եւ կառչած մնալով անոր կամ անոնց բռնած ուղիին` կրցած է Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն հաւաքել քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը:

Սակայն միեւնոյն ժամանակ, այո՛, կարելի է զանազան մտահոգութիւններ արտայայտելով հարցադրել, մեղադրել եւ գէթ զգաստութեան հրաւիրել ղեկավարութիւնը, որ ժողովրդավարական եւ ամբոխավարական տարրական կանոնները խախտելով, կ՛օգտագործէ իր ետին կանգնող զանգուածը` հնազանդ հաւաքի մասնակցողն ու քուէատուփ ուղղուողը վերածելով հլու կամակատարի:

Ի վերջոյ, ամբոխը չէ, որ կը յղանայ միտքերն ու գաղափարները, այլ զայն ներշնչող եւ հրաշքներ գործող`քարիզմա ստեղծող ղեկավարը: Այս վերջինը կրնայ իր կարգին սայթաքիլ, եթէ չկարենայ զանազանել պետութիւնն ու ղեկավարութիւնը, ազգային շահերն ու անձնական մութ հաշիւները, որոնք նախկին ղեկավարներուն կողմէ եղած էին եւ դուռ բացած` «թաւշեայ» յեղափոխութեան:

Հոս տեղին է մէջբերել Բրիտանիոյ պատմութիւն կերտած վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլին մէկ խօսքը` «Ժողովուրդն է, որ կ՛իշխէ կառավարութեան վրայ, եւ ոչ թէ կառավարութիւնը` ժողովուրդին», շեշտելով սակայն, որ պէտք է գերադասել հայրենիքն ու յատկապէս անոր ազգային անվտանգութիւնը ամէն բանէ վեր, երկրորդական սեպելով անհիմն եւ անհեթեթ ամբաստանութիւններն ու ցեխարձակումները:

Հուսկ, ղեկավարութեան վրայ գտնուող անձն է, որ կրնայ առաջին գնահատուողը կամ քննադատուողը նկատուիլ: «Թաւշեայ» յեղափոխութենէն ի վեր դերերը փոխուած են եւ խորհրդարանական կարգով բեմահարթակ բարձրացած վարչապետ Փաշինեան քաջատեղեակ է այս գործելաձեւին: Իր պարտականութիւնն է հաւաքական որոշումներով եւ փոխադարձ զիջումներով շարունակել առողջ հիմերու վրայ ամբոխային մարտավարութիւն մը եւ ոչ թէ մարտական ամբոխավարութիւն մը:

 

 

 

Շարլ Ազնաւուր Իր Արուեստով Եւ Մարդկային Վեհ Առաքինութիւններով Դարձաւ Լուսածիր Ասուպ Մը` Գեղեցկացնելով Երգարուեստի Սիրահարներու Հոգիները

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Շարլ Ազնաւուր մեզ ապրեցուցած է իր երգերով: Հայկական ծագում ունեցող ներգաղթեալի որդին պետութիւն էր պետութեան մէջ, հայրենիք` հայրենիքի մէջ»:

Էմանուէլ Մաքրոն
Ֆրանսայի նախագահ5 հոկտեմբեր 2018

 

Համաշխարհային երգարուեստի պատմութիւնը իր զարթօնքը ապրեցաւ, երբ 1950-ական թուականներուն երաժշտական նոր ոճ մը տարածուեցաւ` համաշխարհային տարողութեամբ, որ կոչուեցաւ էսդրատային երգ, որ խորքին մէջ արդի երաժշտութեան տեսակ մըն է, ուր կը գործածուին ելեկտրական կիթառ, երգեհոն, տրամզ, սաքսոֆոն, թրոմփեթ:

Այս տիպի երաժշտութենէն անմասն չմնաց հայկական երաժշտութիւնը, որուն լաւագոյն մեկնաբանը դարձաւ հայութեան էսդրատային սիրուած երգիչ Ատիս Հարմանտեանը: Միջազգային մակարդակի վրայ նոյն թուականներուն յատկապէս Շարլ Ազնաւուրի (բուն անունով` Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան) յայտնուիլը մերժումի հսկայ ալիք մը բարձրացուց եւրոպացի եւ ի մասնաւորի ֆրանսացի երգարուեստի սիրահարներուն մօտ: Սակայն շուտով, 1956 թուականին արդէն ֆրանսական հասարակութիւնը Շարլ Ազնաւուրի Փարիզի «Օլիմփիա» դահլիճին մէջ մենահամերգի ունկնդրութենէն ետք, իր կարծիքը կը փոխէ, եւ ֆրանսան կը դառնայ ազնաւուրացած. անոր երգերը կը տարածուին Եւրոպայէն Միացեալ Նահանգներ` հասնելով մինչեւ Միջին Արեւելք:

Ծնունդով ֆրանսացի, սակայն ծագումով հայ այս մեծ անձնաւորութեան կենսագրութեան վրայ ակնարկ մը նետելէ առաջ հարկ է անդրադառնալ  որոշ տուեալներու: Ան կանուխէն ծանօթացաւ թատրոնի աշխարհին եւ ինը տարեկանին արդէն հմայուած էր արուեստով: Ազնաւուրի հռչակը սկսած է, երբ 1946-ին էտիթ Փիաֆ լսելով Ազնաւուրի երգեցողութիւնը` կ՛որոշէ իրեն հետ համերգային յայտագիրներով շրջագայութեան տանիլ թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Հազարէ աւելի երգերու հեղինակ (մէկ մասը` երգահան Ժորժ Կառվարենցի հեղինակութեամբ) Շարլ Ազնաւուրի երգերը ցայսօր կը լսուին  ու կը յուզեն, կ’ամոքեն եւ կ՛ուրախացնեն երաժշտութեան ծարաւ միլիոնաւոր ունկնդիրներու հոգիները: Այդ հռչակաւոր երգերէն կարելի է յիշել` «Մաման», «Պոհեմը», «Դեռ երէկ», «Երիտասարդութիւն», «Երկու կիթառ», « Յաւերժական սէր», «Աւէ Մարիա», «Անոնք ինկան» (Ցեղասպանութեան վաթսունամեակին նուիրուած): Իւրայատուկ է իր դստեր` Սեդա Ազնաւուրի հետ մեկնաբանած Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս» երգի կատարումը: Սակայն իր իւրայատկութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ ուղիղ երեսուն տարի առաջ իր արուեստի ճամբով անմնացորդ բաժինը բերաւ Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժին անմեղ զոհերու ընտանիքներուն եւ որբացած հայորդիներուն (դեկտեմբեր 1988-ին) օժանդակութեան աշխատանքին: Ազնաւուր աւելի քան եօթանասուն երաժիշտներու հետ պատրաստած է «Քեզի համար Հայաստան» երգը եւ Փարիզի մէջ հիմնած է «Ազնաւուրը Հայաստանին համար» բարեսիրական հիմնադրամը` հոգալու համար երկրաշարժէն տուժածներուն անհրաժեշտ կարիքները:

Ամերիկեան «Թայմզ» հանդէսին կողմէ յայտարարուած «քսաներորդ դարու արուեստագէտ» ճանաչումը առնչուած չէ միայն իր երգարուեստին: Շարլ Ազնաւուր նկարահանուած է աւելի քան 60 ժապաւէններու մէջ, որոնցմէ կարելի է առանձնացնել «Արարատ» (2002), «Քնքուշ Հայաստան»:

Իր արուեստագէտի կեանքը երբեք չխախտեց իր հասարակական ու քաղաքական կեանքը: Մնայուն դրօշակիրը ըլլալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին` ան Հայաստանի պատուաւոր դեսպան եղաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ եւ նշանակուեցաւ նաեւ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` ամէնուրեք Հայաստանի անունը բարձր պահելով:

Իր կենդանութեան, որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն, Գիւմրիի մէջ կանգնեցուած է իր արձանը, Երեւանի հրապարակներէն մէկը անուանուած է իր անունով եւ Ֆրանսայի մէջ Ազնաւուրի մոմէ արձանը դրուած է Մատամ Տիսոյի թանգարանին մէջ:

Ազնաւոիրի Կեանքի Կարեւոր
Յատկանիշները` Իբրեւ Աւանդ

Ա. Ազնաւուրը` արուեստի առանձին դպրոց

Ազնաւուրի գրած երգերը սոսկ երաժշտական պատահական յօրինումներ չեղան: Իր վկայութեամբ, բոլոր երգերը գրած է իմաստալից բառերով, որուն կ՛ընկերակցի համապատասխան երաժշտութիւնը, ունկնդիրները աւելի հաղորդ դարձնելով եւ երգի ճամբով անուղղակի պատգամ մը յղելով բոլորին: Ի զուր չէ, որ Հայաստանի մեր հայրենակիցներու վկայութեամբ, շատեր ուզած են ֆրանսերէն լեզուն սորվիլ, որպէսզի կարենան թափանցել մեծ արուեստագէտին գրած բառերուն իմաստային խորքը:

Բ. Ազնաւուրի սէրը

Ազնաւուր մեծցած ըլլալով համեստ ընտանիքի մը յարկին տակ` մեծ սէր ունեցաւ իր ընտանիքին, երգարուեստին, մարդկութեան, Ֆրանսայի եւ Հայաստանի նկատմամբ: Հարցազրոյցի մը մէջ, երբ Ազնաւուրին հարց տրուած է, թէ ի՞նչ է երկար ապրելու գաղտնիքը, կենարար ուժը եւ իր երիտասարդ մնալը, ան հաստատակամօրէն պատասխանած է. «Ես կը սիրեմ կեանքը: Կեանքը շատ կարեւոր է: Մի՛ փճացնէք զայն, այլ ապրեցէք»: Ահա հոս կը կայանայ նաեւ Ազնաւուրի կեանքի յաջողութեան հիմնական գաղտնիքը եւ իր բազմահազար ունկնդիրներու յարգանքն ու սէրը իր արուեստին հանդէպ:

Գ. Ազնաւուրի ընտանեկան համերաշխութիւնը

Հակառակ անոր որ ան երեք անգամ ամուսնացած է, ան համերաշխ ապրած է իր ընտանիքի անդամներուն հետ: Երբեք խտրութիւն չէ դրած ու ծայրայեղական չէ եղած իր ընտանիքի անդամներու յարանուանական կամ համայնքային տարբերութիւններուն գծով, որովհետեւ ան մարդկային վեհ արժէքներով դաստիարակուած ու յարգած է բոլորը` զանոնք նկատելով Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած համահաւասար մարդ էակներ: Ազնաւուրի իսկ վկայութեամբ, իր ընտանիքին բոլոր անդամները կը սիրեն ու կը յարգեն զիրար:

Դ. Ազնաւուրի հայրենասիրութիւնը

Շարլ Ազնաւուր էրզրումցի Միշա եւ զմիւռնիացի Քնար Ազնաւուրեաններու զաւակն էր. Ան ծնած էր Փարիզի Սեն Ժերմեն Տը Պրէ թաղամասը եւ մեծցած` ֆրանսայի մէջ: Ազնաւուր հակառակ ֆրանսացի ըլլալուն` հպարտ էր իր հայկական ծագումով եւ միշտ գործնականօրէն իր կարելիութեան չափով սատար կը հանդիսանար Հայաստանին: Ազնաւուրի անմիջական փութալը Հայաստանի երկրաշարժէն ետք, յոյս ներշնչելը երկրաշարժի տուժածներուն, «Ազնաւուրը Հայաստանին համար» բարեսիրական հիմնադրամը, Հայաստանի նուիրուած համերգային ծրագիրները նիւթական հսկայական ներդրումները լաւագոյն ապացոյցն են իր մեծ հայրենասիրութեան, հոգատարութեան եւ հայրենիքի հզօրացումին: Ան իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ցաւով եւ ափսոսանքով կ’արտայայտուէր, որ հայեր` համեստ թէ հարուստ դասակարգի, չեն օգներ Հայաստանին, եւ այս ձեւով հայրենիքը չի զօրանար` մէջբերելով Ամերիկայի նախկին նախագահ Ճոն Քենետիի նշանաւոր խօսքը. «Մի՛ հարցներ, թէ երկիրը ի՛նչ կրնայ ընել քեզի համար, այլ փորձէ, թէ դուն ի՛նչ կրնաս ընել հայրենիքիդ համար»: Ան թունդ քաջալերողը եւ կենդանի օրինակը եղաւ այն մտածումին, որ հայերը պէտք է Հայաստանի համար աշխատին, նոր դպրոցներ բացուին, որպէսզի հայ ազգը բարգաւաճի` երաշխաւորելով հայութեան պայծառ ապագան:

Ե. Ազնաւուր` անմնացորդ նուիրեալը

Իր հարուստ արուեստի կեանքով, Հայաստանին անշահախնդիր օժանդակութեամբ, քաղաքական կեանքի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին ու Հայաստանի հզօրացման համար աշխատող այս նուիրեալ հայը իր համեստ նկարագիրով ու անմնացորդ ծառայութեամբ արժանացաւ Հայաստանի «Ազգային հերոս» կոչումին եւ բազմաթիւ պետական ու եկեղեցական բարձրագոյն կարգի շքանշաններու:

Շարլ Ազնաւուրի հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին ֆրանսական եւ հայկական զոյգ պետութիւններուն ցուցաբերած պետական բարձր մակարդակի յարգանքը լաւագոյնս կը բնորոշեն Ազնաւուրի անուրանալի դրոշմը եւ արժանաւոր զաւակ ըլլալու բացարձակ ճշմարտութիւնը:

Այսօր, երբ աշխարհը նոր մարտահրաւէրներու եւ համաշխարհայնացման մեծ վտանգի դիմաց կը կանգնի, եւ ժողովուրդը հոսանքն ի վեր կը թիավարէ, Շարլ Ազնաւուր իր մահով, մեծ վաստակով ու ապրուած կենդանի օրինակով խօսուն վկայութիւն է կեանքը սիրելու, իմաստաւորելու եւ անջնջելի դրոշմ ձգելու երկրաւոր այս կեանքի ընթացքին:

Թող գլխագիր այս մարդուն, մեծ հայրենասէրին, բարերարին պատգամները զարթուցիչ ազդակը դառնան մեր կեանքին` վառ պահելու համար Շարլ Ազնաւուրի անմեռ յիշատակը:

 

 

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հմայեակ Խաչատրեան

Հմայեակ Խաչատրեանը ծնած է 1900-ին, Մակու: Փոքր հասակին մահացած է հայրը, ապրած է հօրեղբօր հետ: Ունեցած է մէկ եղբայր: Ապրած է Էջմիածնի շրջանի Սամաղար գիւղը: 1917-ին եղած է զինուորական ծառայութեան մէջ: Մասնակցած է Ա. Համաշխարհային պատերազմին, կռուած է կովկասեան ճակատին վրայ:

1917-ին 4-րդ գունդի կազմին մէջ կռուած է Էրզրումի եւ Սարիղամիշի մէջ: Եղած է կապաւոր: 1918-ին զօրքին հետ նահանջելով Էրզրումէն, Սարիղամիշէն, Կարսէն` հասած է Ալեքսանդրապոլ (այժմ` Գիւմրի): Այստեղ ան առաջադրանք ստացած է կապ հաստատել Ալեքսանդրապոլի եւ Համամլուի միջեւ: Առաջադրանքը կատարելէ ետք վերադարձած է, բայց գունդին չէ հանդիպած, հաւանաբար գունդը արդէն նահանջած էր: Ան կարճ ժամանակով մեկնած է տուն` Սամաղար:

Հմայեակ համագիւղացիներուն հետ մասնակցած է Սարդարապատի ճակատամարտին: Մասնակցած է նաեւ Քէօրփալուի (ներկայիս` Էջմիածնի մարզ, Արշալոյս գիւղ) ճակատամարտին:

1943-ին տեղափոխուած է Էջմիածին: Եղած է ճանապարհաշինարար, ղեկավարած է Էջմիածնէն Աշտարակ տանող բոլոր ճանապարհներու շինարարութիւնները:

Հմայեակ Խաչատրեանը մահացած է 1987-ին:

Ալեքսանդր Խատիսեան

Ալեքսանդր Խատիսեան. հայ քաղաքական գործիչ եւ լրագրող, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին արտաքին գործոց նախարար եւ երկրորդ վարչապետ, շուրջ 7 տարի եղած է Թիֆլիսի քաղաքապետ:

Ծնած է 17 փետրուար 1874-ին, Թիֆլիս, ազնուական մեծ ընտանիքի մը մէջ:

1891-ին աւարտած է Թիֆլիսի պետական ուսումնարանը: Ուսանած է Մոսկուայի եւ Խարկովի համալսարաններուն մէջ եւ ստացած` բժշկական կրթութիւն: 1897-ին գերազանցութեամբ կ՛աւարտէ համալսարանը ու կը ստանայ բժիշկի մասնագիտութիւն: Այցելած է Իտալիա, Ֆրանսա ու Գերմանիա: Փարիզի ու Պերլինի մէջ հրապարակած է քանի մը պռոշիւր ու գիրք` նուիրուած ջրամատակարարման, քարասալարկներուն, ժողովրդային տուներուն եւ այլն:

Խատիսեանը գերազանց տիրապետած է` հայերէնին, ռուսերէնին, անգլերէնին, ֆրանսերէնին, գերմաներէնին ու վրացերէնին:

Ինքնակառավարման, բժշկութեան, տնտեսութեան ու մշակոյթի մասին բազմաթիւ յօդուածներու եւ թարգմանութիւններու հեղինակ է:

Պատուիրակ` Պաթումի (մայիս 1918) համաժողովին: Կը վարէ Պաթումի դաշնագրի բանակցութիւնները եւ դաշնագիրը կը ստորագրէ 4 յունիս 1918-ին: 1918-ին կ՛ըլլայ արտաքին գործոց նախարար, ապա` խնամատարութեան եւ ներքին գործոց նախարար:

Օգոստոս 1919-էն մինչեւ մայիս 1920 կը ստանձնէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը:

1920-ի ամառը կառավարութեան պիւրոյի կազմով կը մեկնի արտասահման` հայկական սփիւռքէն Հայաստանի օգտին ներքին փոխառութիւն կազմակերպելու եւ «Ոսկէ հիմնադրամ» ստեղծելու նպատակով:

2 դեկտեմբեր 1920-ին կառավարութեան անունով կը ստորագրէ Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը:

Խատիսեանը կը տեղափոխուի Փարիզ, ուր Հայկական ազգային պատուիրակութեան կազմին մէջ կը շարունակէ քաղաքական գործունէութիւնը, սկիզբը իբրեւ նախագահի տեղակալ, ապա` նախագահ: 1922-1923 թուականներուն կը մասնակցի Լոզանի համագումարին` ներկայացնելով եւ պաշտպանելով հայ ժողովուրդին շահերը Ազգերու լիկայի մէջ: Անդամակցած է հայկական ու ռուսական հասարակական կազմակերպութիւններու:

Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Փարիզէն կը տեղափոխուի Փորթուգալ: 1944 թուականին Խատիսեանը կը ձերբակալեն գաղտնի ամբաստանութեան մը հիման վրայ` մեղադրելով անոր գերմանացիներու հետ կապերու մէջ, սակայն շուտով ազատ կ՛արձակեն զինք փաստերու բացակայութեան պատճառով:

Ալեքսանդր Խատիսեանը մահացած է 10 մարտ 1945-ին, Փարիզ:

Գէորգ Խատիսեան

Գէորգ Խատիսեան (Գիգա). իրաւաբան, փաստաբան, քաղաքական եւ պետական գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի 2-րդ գումարման պատգամաւոր: Ալեքսանդր Խատիսեանի եւ Կոստանդին Խատիսեանի կրտսեր եղբայրը:

Ծնած է 1876-ին (որոշ տուեալներով` 1879 թ.), Թիֆլիս:

Աւարտած է Մոսկուայի համալսարանը: Թիֆլիսի մէջ աշխատած է իբրեւ փաստաբան, զբաղած է հասարակական-քաղաքական գործունէութեամբ: Իբրեւ հմուտ փաստաբան` մասնակցած է դաշնակցական դատերու պաշտպանութեան:

1912-ին եղած է Թիֆլիսի Քաղաքային խորհուրդի պատգամաւոր: 1916-1918 թուականներուն մասնակցած է Անդրկովկասի վարչական վերաբաժանման յանձնաժողովի աշխատանքներուն, հեղինակ է առաջարկուող նախագիծի մը ու քարտէսի, Ա. Համաշխարհային պատերազմի (1914-1918 ) օրերուն կամաւորական շարժումի գործուն կազմակերպիչներէն մէկն է:

1917-ին` իբրեւ ՀՅԴ կուսակցութեան ներկայացուցիչ կը մասնակցի կովկասեան պետական-յեղափոխական մարմիններու: Իսկ նոյն թուականի սեպտեմբեր-հոկտեմբերին մասնակցած է Արեւելահայերու ազգային համախորհրդակցութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնեայ` կառավարութեան գործերու կառավարիչ (1919-1920), Կարսի մարզի Պետական գոյքերու վարչութեան լիազօր (1920), խորհրդարանի պատգամաւոր (1919):

1919-ին նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան (1918-1920) նախարարաց խորհուրդի գործերու կառավարիչ, ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի 2-րդ գումարման պատգամաւոր: Խորհրդարանին հաստատած օրէնքներու մեծ մասին նախագիծերը կը պատկանին Գէորգ Խատիսեանին:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք` Թիֆլիսի համալսարանի իրաւագիտութեան դասախօս եւ առեւտրական իրաւունքի ամպիոնի վարիչ:

Ամուսնացած է Յովհաննէս Թումանեանի Աշխէն դստեր հետ: Թումանեանը Գէորգ Խատիսեանին ընտանեվարի անուանած է Գիգա:

Գէորգ Խատիսեանը մահացած  է երկաթուղիի արկածի պատճառով, 1932-ին:

Արշամ Խոնդկարեան

Հայ քաղաքական-պետական գործիչ, գրող, Էս. Էռ. (սոցիալ-յեղափոխական) կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1881 յուլիսին, Իգտիրի Հախվերէս գիւղը, աւարտած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը եւ վկայուած` Օտեսայի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքէն:

Ճեմարանի մէջ իր ուսանողութեան շրջանին Արշամ Խոնդկարեանը ուշադրութիւն գրաւած է գաղափարական իր աշխուժութեամբ ու մտաւորական իր գիտելիքներով: Գործօն մասնակցութիւն ունեցած է ցարական կարգերու դէմ ծաւալած ուսանողական եւ յեղափոխական պայքարներուն մէջ` դառնալով Անդրկովկասի մէջ սոցիալիստ-յեղափոխական կուսակցութեան (Էս. Էռ. կամ` Էսէռներ) ամէնէն հռչակաւոր եւ աչքի զարնող առաջնակարգ դէմքերէն մէկը:

1917-ին, ռուսական մեծ յեղափոխութեան ժամանակ Արշամ Խոնդկարեանը Անդրկովկասը ներկայացնող քաղաքական կարեւոր գործիչներէն մէկը եղաւ: Քերենսկիի ժամանակաւոր իշխանութեան շրջանին, երբ ռուս սոցիալիստ-յեղափոխականները (Էսէռներ) տիրական ներկայութիւն հաստատած էին քաղաքական բեմի վրայ, Արշամ Խոնդկարեանը արժանաւորապէս ներկայացուց միեւնոյն այդ հոսանքը Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդին մէջ` պատմական մեծակշիռ վերիվայրումներու այդ փուլին ցուցաբերելով հայ ազգային-քաղաքական եւ հասարակական-պետական գործիչի ուշագրաւ ընդունակութիւններ:

1918-ին Հայաստան անկախացումով Արշամ Խոնդկարեան «սոցիալիստ-յեղափոխականներ»-ը ներկայացուց նորաստեղծ հանրապետութեան առաջին օրէնսդիր ժողովին` Հայաստանի Խորհուրդին մէջ: Այնուհետեւ ընտրուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, սերտ գործակցութեան մէջ եղաւ Դաշնակցութեան հետ եւ նշանակուեցաւ արդարադատութեան նախարարի պատասխանատուութեան:

Արշամ Խոնդկարեանը, դէմ էր պոլշեւիկեան մտայնութեան` յանուն «սոցիալ-դեմոկրատիայի» պոլշեւիկներու որդեգրած քաղաքական-ռազմավարական թէ գաղափարական-կազմակերպական ուղղութիւնները մերժելով եւ զանոնք հիմնաւոր քննադատութեան ենթարկելով:

Այդ ճամբով ալ, երբ Լենին-Քեմալ սադրանքով կործանեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արշամ Խոնդկարեանը իր կարգին 1921-ին անցաւ արտասահման: 1924-ին հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր մինչեւ իր մահը հրապարակագրական բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց` առաւելաբար խորհրդային կարգերու քննադատութեան նուիրելով իր ուժերը: Ան եղաւ խմբագիրը «Տնի» (օրեր) թերթին:

Արշամ Խոնդկարեանը, օժտուած էր կարող հրապարակագիրի ընդունակութեամբ, իր գրութիւններուն մէջ լուսարձակի տակ առած է խորհրդահայ իրականութիւնը: Ան աշխատակցած է «Հայրենք» ամսագիրին, ուր ամէն ամիս Ա.Ա. ստորագրութեամբ խորհրդահայ կեանքը ներկայացուցած է «Խորհրդահայ կեանք» բաժինով: Աշխատակցած է նաեւ «Վէմ» հանդէսին եւ «Յառաջ»-ին:

Արշամ Խոնդկարեանը կը մահանայ 1 դեկտեմբեր 1965 թ., Փարիզ:

Վահան Խորէնի

Վահան Խորէնի (Տէր Գէորգեան). հայ հասարակական-քաղաքական եւ պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1884-ին, Սիւնիքի Բռնակոթ գիւղը:

Աւարտած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, ուսանած է Հալլէի (Գերմանիա) համալսարանի բժշկական բաժնին մէջ, 1913-ին աւարտած է Լայփցիկի համալսարանի պատմափիլիսոփայական բաժինը` ստանալով դոկտորի գիտական աստիճան: Դասաւանդած է Թիֆլիսի Գայեանեան եւ Ներսիսեան դպրոցներուն մէջ:

Խմբագրած է «Աշխատաւոր» (Թիֆլիս), «Հայաստանի աշխատաւոր» (Երեւան) թերթերը, ուր տպագրուած է անոր «Հայրենի նամակներ» յօդուածաշարքը: Վահան Խորէնին բարձր գնահատած է հայ բանուորը` զայն համարելով «արեւելեան միջազգայնականի» յառաջապահը, մեծ դեր յատկացուցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան Արեւելքի յեղափոխութեան մէջ: Ազատագրութեան գործին մէջ կողմնակից էր սեփական ուժերուն ապաւինելուն, դէմ էր պոլշեւիկեան արեւելեան քաղաքականութեան:

1919-ին ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր: Ըլլալով հայ եւ պետականութեան ջատագով` նախաձեռնած է Հայաստանի մէջ պետական եւ հասարակական կեանքի ազգայնացման ծրագիրն ու գործը:

1920 օգոստոսին, կառավարութեան յանձնարարութեամբ, մեկնած է Զանգեզուր` հնարաւոր քաղաքացիական կռիւները կանխելու համար: Խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ դաւադրաբար ձերբակալուած է եւ Գորիսի բանտին մէջ 13 այլ դաշնակցականներու հետ սպաննուած է:

(Շար. 10)

 

Յիշելով Ազնաւուրը

$
0
0

ԷՒԱ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Նկարը Ազդակ-ի արխիւներէն առնուած

Ազնաւուրին հետ իմ անցուցած քանի մը ժամերը ինծի համար դարձած են անմոռանալի  յուշ, որուն մասին, հակառակ երկար տարիներ անցած ըլլալուն, երբեմն-երբեմն կը յիշեմ եւ կ՛անդրադառնամ հիմա, որ մարդ յաճախ չի գիտնար արժէքը այն պահուն, այն առիթին, որ կը ստեղծուի իրեն համար:

Ազնաւուրի մահուան առթած ցաւի ու կորուստի զգացումներուն մասին չէ, որ գրի առնուած են այս տողերը, այլ կը վերաբերին Ազնաւուրին հետ, անոր ներկայութեան եւ անոր քով նստած ու հետը զրուցած անմոռանալի պահի մը վերապրումին: Զրոյց մը, որուն մասին գրած եմ օրին, «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ:

***

1977, Պէյրութ, Լիբանան:

Ազնաւուր հրաւիրուած էր Պէյրութ եւ ելոյթ պիտի ունենար պատերազմի հանդարտ օրերուն զուգադիպող յունիս ամսուն:

Ազնաւուրին ժամանումը եւ ելոյթը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած էին հայ թէ լիբանանցի հանրութեան մէջ: Ազնաւուրի ժամանման լուրը իմանալէ անմիջապէս ետք Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը սքանչելի մտածումը ունեցած էր զինք հրաւիրելու մեր կեդրոնական ակումբներէն «Ա. Երեւանեան» Ժողովրդային տուն եւ զինք հիւրասիրելու հայկական ճաշերով: Ազնաւուր ընդունած էր հրաւէրը եւ ըսած էր, որ` «իմ նուագախումբի եւ երգչախումբի անդամները հետս պիտի գան, կ՛ուզեն իրենք ալ հայկական ճաշեր ուտել»:

Շրջանային վարչութեան քանի մը ներկայացուցիչներուն հետ կը հասնինք իր իջեւանած պանդոկը:

Այս շատ հաճելի եւ անմոռանալի օրուան առաջին պահուն, երբ կը հասնինք իր իջեւանած պանդոկը, կը տեսնենք Ազնաւուրը` պանդոկի մուտքին կեցած: Երբ կը մօտենանք իրեն, «Պատրաստ եմ», կ՛ըսէ: Գիտէ, որ եկած ենք զինք տանելու ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթին:

Ճամբու ընթացքին Ազնաւուր անընդհատ կը խօսի եւ հարցումներ կ՛ուղղէ: «Գիտէ՞ք,- կ՛ըսէ ան,- ոչ մէկ տեղէ ես նման հրաւէր կ՛ընդունիմ: Բայց երկու տարուան պատերազմէ մը ետք կ՛ուզեմ ձեր մէջ ըլլալ, թերեւս ներկայութեամբս խանդավառութիւն ստեղծուի»:

Երբ կը հասնինք Ժողովրդային տուն, արդէն մայր դրան սեմէն, աստիճաններուն վրայ եւ պարտէզը հաւաքուած են հիւրերը` պետական երեսփոխաններ, միութեանց եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, լուսանկարիչներ, որոնք մեծ խանդավառութեամբ կը դիմաւորեն մեծանուն երգիչը:

Կ՛ուղղուինք սրահ: Ըստ երեւոյթին, Ազնաւուր չի սիրեր խումբերու հետ կենալ եւ զրուցել: Անմիջապէս կը նստի եւ կ՛ուզէ գիտնալ, թէ որո՛նք են ներկաները: Երբ կ՛իմանայ, որ հոն են հայկական բոլոր միութիւնները ներկայացնող դէմքեր, «Ուրախ եմ, երբ այսպէ՛ս միացած կը տեսնեմ,¬ կ՛ըսէ գոհունակութեամբ,¬ երբեմն երբ այս երեւոյթի հակառակին ականատես կ՛ըլլամ,  իրապէս կը ցաւիմ: Մէկ ազգ ենք ի վերջոյ»:

Ազնաւուրին մօտեցողներ եւ հետը նկարուիլ փափաքողներ շատ կան: Չի մերժեր: «Շարուեցէ՛ք, կու գամ», կ՛ըսէ եւ քանի մը վայրկեան ետք խումբի մը կեդրոնը կեցած` պատրաստ է նկարուելու:

Ըստ երեւոյթին, անօթեցած է: Յանկարծ ոտքի կ՛ելլէ եւ արագ քայլերով կ՛ուղղուի դէպի սեղան: «Եթէ ես չշարժիմ, մարդ շարժելու նպատակ չունի», կ՛ըսէ: Ախորժակով կ՛ուտէ հայկական ճաշատեսակները:

Ճամբու ընթացքին, պահ մը, երբ տարուած` շուրջը կը դիտէր, կ՛ըսեմ իրեն.

– Պր. Ազնաւո՛ւր, պիտի խնդրէի, որ ճաշէն առաջ կամ ետք կարճ զրոյց մը ունենանք միասին` «Ազդակ» օրաթերթին համար:

– Շա՛տ սիրով, պատրաստ եմ,¬ կ՛ըսէ Ազնաւուր:

– Չէ՞ք մոռնար, չէ՞…

– Թերեւս դուք մոռնաք, բայց ես` ոչ,¬ կ՛ըսէ ան:

Պէյրութի «Ա. Երեւանեան» Ժողովրդային տան սրահն ենք եւ սկսած ենք զրուցել: Սահող ժամերուն, վայրկեաններուն, նոյնիսկ երկվայրկեաններուն դէմ վազքի մը մէջ է Ազնաւուր: Կ՛ուզէ ոչ մէկ բան մերժել, պայմանաւ, սակայն, որ ամէն բան ընթանայ  արագօրէն: Խօսի՞լ, կը խօսի, բայ`ց արագ: Ճաշե՞լ, կը ճաշէ, բայց` շուտ… Այդպէ՛ս էր Ազնաւուր` շարժում, արագութիւն, վազք… գէթ այդպէ՛ս զինք տեսանք ու ճանչցանք այդ օրը:

– Ճաշկերոյթներու հրաւէրներ միշտ կ՛ընդունի՞ք,- կը հարցնեմ:

– Ո՛չ: Շատ կը ճամբորդեմ. եթէ ընդունիմ նման հրաւէրներ, ճաշկերոյթներու ստրուկը կը դառնամ:

– Ինչո՞ւ այս անգամ ընդունեցիք այս հրաւէրը:

– Որովհետեւ արտակարգ կացութենէ մը նոր դուրս եկած գաղութ էք: Նման հրաւէրներ չեմ մերժեր, երբ կը զգամ, որ ներկայութեամբս  կարելի կ՛ըլլայ որոշ խանդավառութիւն վերստեղծել տեղ մը, ուր երկար ատենէ ի վեր մարդիկ բոլորովին տարբեր առօրեայ մը ունեցած են:

– Ուրիշ ո՞ւր չէք մերժած, օրինակ:

– Արժանթին. շրջան մը իրապէս ծանր մթնոլորտի մը մէջ էր այդտեղի ժողովուրդը: Հրաւիրեցին, եւ ես գացի: Հրաւէրներ կ՛ընդունիմ նաեւ հոն, ուր փոքրաթիւ գաղութ մը կայ եւ իմ պատճառովս այդ գաղութի անդամները քով-քովի կու գան: Շրջան մը Քանատան այդպէս էր, բայց հիմա՜… Հա՛, կը սիրեմ նաեւ ներկայ ըլլալ այն հաւաքոյթներուն, ուր կուսակցական կամ յարանուանական խտրութիւն չկայ:

– Հիմա հոս այդպէս ենք,- կ՛ըսեմ:

– Չըսէ՞ք, որ սկսած էք խելացի դառնալ: Եւ իրապէս ալ ինծի համար կարեւորը հայութիւնն է: Բոլորս ալ հայ ենք….

1975-ին, Ցեղասպանութեան 60-ամեակի տարին, Ազնաւուր երգած էր իր նշանաւոր «Անոնք ինկան» երգը, նուիրուած` Եղեռնի նահատակներուն, որ ձեւով մը դարձաւ համայն հայութեան երգը:

Ակնարկելով «Անոնք ինկան» երգին` կ՛ըսեմ.

– Շատ խօսուեցաւ այդ մասին, նոյնիսկ թուրք լրագրող մը այդ առիթով հանդիպում ունեցաւ ձեզի հետ: Ի՞նչ եղաւ ձեր պատասխանը:

– Իրեն բացատրեցի, որ իմ հարցն է ատիկա: Բացատրեցի, թէ կը պատկանիմ ժողովուրդի մը, որ ցիրուցան եղած է ամբողջ աշխարհի մէջ, ջարդերու պատճառով: Յամենայն դէպս, թուրք բառը յիշատակուած չէ: Բայց հարկաւ գիտեն, թէ ի՛նչ է խորքը այդ երգին….

– Պատգա՞մ մըն է այդ երգը:

– Պատգամ փոխանցող երգ մը չէ: «Անոնք ինկան»-ը պատմական դէպք մը կը ներկայացնէ, որովհետեւ եթէ պատգամ մը ըլլար, պիտի խօսէի նաեւ յանցագործներու մասին: Իմ երգս վրէժխնդրութիւն չի պահանջեր եւ ոչ ալ կոչ կ՛ընէ պատերազմի: Շեշտը դրուած է պատմական դէպքի մը վրայ, որ ցարդ անծանօթ է աշխարհին: Պատմական դէպք մը, որ պէտք է գտնէ իր լուծումը: Ժամանակն է, որ յանցաւորները ընդունին իրենց սխալը…

– Ի՞նչ տպաւորութիւն կը ձգէ Եղեռնի նուիրուած «Անոնք ինկան» երգը օտար ունկնդիրներուն  վրայ:

– Երբ շատ մը տեղեր կ՛երգեմ այս երգը, առաջին անգամ ըլլալով կը լսեն հայ անունը: Յաճախ չեն գիտեր, որ հայ ժողովուրդ գոյութիւն ունի:

– Հայերէնով ալ պիտի երգէ՞ք այս երգը:

– Ո՛չ, որովհետեւ հայութեան ուղղուած չէ, այլ` օտարներուն: Հայ ժողովուրդը ծանօթ է պատմական այն դէպքին, զոր կը փորձեմ օտարներուն ծանօթացնել:

– Նոյն իմաստով երկրորդ երգ մըն ալ յօրինելու մասին կը մտածէ՞ք:

– Ո՛չ, մէկ հատը բաւարար է:

– Ծանօ՞թ էք հայոց պատմութեան:

– Այո՛, բաւական բան կարդացած եմ այդ մասին: Բայց պէտք է ըսել, որ ֆրանսերէնով մեր պատմութեան մասին լաւ պատրաստուած գործեր չկան:

– Ի՞նչ են ձեր հետագայ ծրագիրները:

– Երգել, երգել….

Եւ այսպէ՛ս, Ազնաւուր երգե՜ց ու երգե՛ց, աւելի քան` 70 տարի…

Ու իր երգով անմահացաւ ու… անմահացո՜ւց:

 

 


Լիւդվիկ Խաչատուրեանի Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով. Սկզբունքայնութիւն` Յանուն Իրաւութեան

$
0
0

ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ  

Լիւդվի՛կ ջան,

Տրուած ըլլալով, որ երկուքս ալ կրօնի մօտիկ մարդիկ եղած ենք ու կը հաւատանք նաեւ անդենական կեանքին, յոյսով, եմ որ, յետմահու քեզի յղած այս երկտողը կը հասնի քեզի, ու գոհունակութեամբ կը կարդաս զայն:

Կը յիշես, չէ՞, մենք ծանօթացանք 1972-ին, Վազգէն Մանուկեանի տան նկուղը, ուր բախտախաղ խաղալու պատրուակին տակ ընդյատակեայ ժողովներ կը գումարէինք: Թէեւ այդ օրերուն խորհրդային իշխանութիւններու կողմէ ազգային գետնի վրայ ճնշումներ կային, սակայն  միահամուռ  եւ տարերային պայքար մը կար ռուսականացման դէմ: Համեմատաբար աշխուժ էր նաեւ ազգային-մշակութային կեանքը: Իսկ մօտիկ անցեալին, Հայաստանի երկրորդ անկախացումէն ետք, անցնող քառորդ դարու ընթացքին, հայրենիքի ընդհանուր կացութեան պատկերը հետզհետէ աւելի կը մթագնէր ու կը դառնար աւելի տխուր ու մտահոգիչ: Տագնապը համատարած էր ու վերապահութիւնները` տեղին: Դուն շրջան մը կը փորձէիր ահազանգ հնչեցնել` յայտարարելով, որ վտանգը շատ աւելի մեծ է ու ճակատագրական, քան մենք կը կարծենք: Կը պնդէիր, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունին «խորհրդաւոր ուժեր», որոնք  համաշխարհայնացման եւ ազատամտութեան պիտակներու տակ ծրագրուած ձեւով  կ՛աղաւաղեն մեր ազգային առհաւական դիմագիծը (թէ՛ մշակութային, կրօնական, ընկերային, թէ՛ կենցաղային ոլորտներէ ներս), որուն պատճառով անուղղակիօրէն կը քաջալերեն նաեւ հայաթափումը: Այո՛, թէեւ մեզի` ընկերներուդ քիչ մը ծարայեղ ու չափազանցուած կը թուէր տագնապդ, այնուամենանիւ, վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած բացայայտումները իրենց ապազգային ու անմարդկային բնոյթով ահաւոր են ու սարսռազդեցիկ: Պարզուեցաւ,  որ ո՛չ միայն պետականօրէն համակարգուած պայքար գոյութիւն չէ ունեցած, այլեւ կարծես թէ «շատեր» նոյնի՛սկ գիտակցաբար լռած ու չտեսնելու տուած են շատ բան: Քանի՜ քանի ծրագիրներ կազմեցիր, նոյնի՛սկ «Ազգային գաղափար…» խորագրով գիրք մը գրեցիր…  Հիմա, վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին շատ բան փոխուեցաւ:  Եթէ տարի մը եւս դիմանայիր ոչ միայն ականատես պիտի ըլլայիր թաւշեայ յեղափոխութեան, այլեւ վստահաբար ամենագործօն մասնակիցներէն մէկը պիտի ուզէիր ըլլալ: Երբ յուսատու ճանապարհները այրեցան ու դանակը ոսկորին հասաւ, ժողովուրդը, աւելի ճի՛շդը` երիտասարդութիւնը, «տարերայնօրէն» ըմբոստացաւ եւ ի գոհունակութիւն բոլորիս` կրցաւ իր կամքը պարտադրել ու գործադիր իշխանութիւնը ձեռք առնել: Հայը, յատկապէս` նախկին իշխանութիւններուն կողմէ անտեսուած ու հարստահարուած հայը, անխառն  խանդավառութեան մէջ է այսօր:

Իսկ ես, հակառակ անոր որ քաղաքականութենէ շատ բան չեմ հասկնար (որովհետեւ 1984-էն ի վեր չեմ հետեւիր), մտահոգ եմ: Մտահոգ եմ, որովհետեւ կեանքի փորձառութիւնն ու պատմութեան դասերը սորվեցուցած են մեզի, որ անփորձութիւնը փորձանք կը բերէ քաղաքականութեան մէջ, ծայրայեղականութիւնը ձախողութեան դուռ կրնայ բանալ,  իսկ պատրաստուածութիւնն ու պատրաստակամութիւնը տակաւին չեն բաւեր կարենալ իրաւութեամբ ու ազնուութեամբ ծառայելու համար ազգին ու հայրենիքին:

Այնուամենայնիւ, ճիշդ չէ, որ մեր սերունդը թելադրանքներով եւ կամ մեծավարի խրատներով «զբաղեցնէ» երիտասարդ ղեկավարները, որոնք իրենց «սխալներէն» սորվելու ճամբան բռնած կը թուին ըլլալ, Աստուած մի՛ արասցէ, որ անգամ մը եւս հայ ժողովուրդը յուսախաբ ըլլայ ու հիասթափուի իր քաղաքական առաջնորդներէն:

Բայց, եկուր, մենք զմեզ չհակասենք, ճառախօսութեամբ  ու խրատաբանութեամբ չտարուինք (խելք տուողները շատ կ՛ըլլան նման պարագաներու) ու վերադառնանք մեր նիւթին:

Լիւդօ ջան,

«Թարգմանչաց տօներ» Շարժման Անդամները Վազգէն Վեհափառի Հետ

Արցախեան շարժումի նախակարապետը հանդիսացող «Թարգմանչաց տօներ» շարժման հիմնադիր ու նուիրուած անդամներէն էիր: Վազգէնը կապ ունէր մարաջախտներ Բաղրամեանի եւ Բաբաջանեանի, Խորհրդային Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծրագրաւորումի պետի՝ Համօ Յարութիւնեանի, Խորհրդային Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան նախկին առաջին քարտուղար՝ Զարոբեանի եւ այլ ականաւոր անձնաւորութիւններու հետ, որոնց միջոցով իրազեկ կը դառնայինք Խորհրդային Միութեան քաղաքական ներքին որոշ անցուդարձերու եւ  ծրագիրներու:

Վստահաբար չես մոռցած այն երեկոն, երբ Վազգէնը նոր վերադարձած էր Մոսկուայէն ու ցնցիչ աւետիսը տուաւ` յայտարարելով. «Տղե՛րք, սովետը պիտի քայքայուի, ու մենք պէտք է, որ  պատրաստուենք անկախութեան»: Լաւ յիշէ, մենք բոլորս (Բաբիկը, Եսոն,Դաւիթը, Հայկն ու ես) վերապահութեամբ, նոյնիսկ «ժպիտով» ընդունեցինք Վազգէնին յայտարարութիւնը: Այդ օրերուն ո՞վ կը հաւատար, որ Խորհրդային միութեան նման հզօր պետութիւն մը կրնար փլուզուիլ: Միայն դուն էիր, որ լրջութեամբ ընդունեցիր լուրը եւ ըսիր. «Դուք եթէ լաւ ճանաչէք խորհրդային կառոյցի ներքին խոհանոցը, պիտի իմանաք, որ ամէն ինչ հիմնուած է սուտի եւ կեղծիքի վրայ, նորմալ է, որ այս դնովի ռեժիմը երկար չդիմանայ: Վազգէնը ճիշդ է ասում»: Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ դուն ճի՛շդ էիր: Հետագային յանդուգն եւ անմնացորդ խանդավառութեամբ մասնակցեցար «Ղարաբաղ»-ի կոմիտէի կազմաւորման եւ  շինիչ դեր ունեցար, յատկապէս` իբրեւ «պահեստային…ուժ» : Յանդուգն քայլ էր նաեւ Վազգէն Ա. վեհափառի «օրհնութեամբ» եւ քու,Վազգէնի, Վրէժի եւ այլ ընկերներու մանակցութեամբ իրագործուած, Նախիջեւանէն Ջուղայի այն խաչքարերուն  «փրկութիւնը», որոնք այսօր հպարտօրէն կագնած են Էջմիածնի բակը իբրեւ կենդանի վկայ թրքաբարոյ հերթական մէկ վանտալիզմին:

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ՝ Լիբանան

Գաղափարապաշտ եւ հոգեւոր արժէքներու հաւատացող մարդ էիր: Երբեք չդաւաճանեցիր (թէ՛ ազգային, թէ՛ մարդկային) սկզբունքներուդ: Հակառակ անոր որ ԱԺՄ-ի կուսակցութեան հիմնադիրներէն էիր, հակառակ անոր որ «ԱՅԺՄ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրն էիր, 1999-ին հրաժարեցար կուսակցութենէն` պարզապէս անոր համար, որ քու կուսակցութիւնդ կողմ էր հայ-թրքական յայտնի համաձայնագրի ստորագրմանը, իսկ դուն աղէտ կը նկատէիր այդ մէկը: Այսպէս էիր: Յանուն ազգային ու մարդկային սկզբունքներու, պատրաստ էիր կոտրուելու, բայց` ոչ ճկուելու:

Այո՛, դուն ներկայ չես հիմա եւ վստահաբար դուն քեզ դժբախտ կը զգաս անոր համար, որ չտեսար ու չմասնակցեցար թաւշեայ յեղափոխութեան: Այնուամենայնիւ, բախտաւոր ես այն առումով, որ դուստրերդ եւ ուստրդ մաս կը կազմեն յեղափոխականներու այն փաղանգին, որոնք այսօր տէրն են հայրենիքի քաղաքական կացութեան եւ փայլուն ապագայ կը խոստանան մեր երկրին: Կարծէք թէ ազգային երազներդ` մեր բոլորին երազները սկսած են իրականանալ… Այնպէս որ, կրնաս հանգիստ ննջել ու ակնկալել աւելի յուսալից ու խրախուսիչ լուրեր…հետագային:

Ջուղայի փրկուած Խաչքարերէն Նմոյշ Մը

 

 

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-Ամեակ. Ականատեսի Թռուցիկ Տպաւորութիւններ. Սարդարապատ Կայարանը Ազատագրելու Առիթով

$
0
0

ՀՅԴ Հայաստանի կեդրոնական եւ քաղաքային կոմիտէներու առաջին պաշտօնաթերթ «Զանգ» թերթը նախ շաբաթը երկու, ապա երեք անգամ լոյս կը տեսնէ, 9 նոյեմբեր 1917-էն 27 փետրուար 1919: Տարբեր ժամանակներ իբրեւ խմբագիր ունեցած է` Փ. Յակոբեանը, Ս. Թորոսեանը, Սիմոն Վրացեանը, Արշակ Ղազարեանը եւ վերջինը` Նիկոլ Աղբալեանը: «Զանգ»-ին կը յաջորդէ «Յառաջ» օրաթերթը:

«Զանգ» թերթին առաջին թիւը

Անհրաժեշտ է իմանալ անկախութիւն կերտելու օրերուն, տակաւին պատերազմի մէջ գտնուող հայրենիքին հերոսամարտերուն եւ իրողութիւններուն մասին տեղական մամուլին հարազատ արձագանգը: Իրենք եղելութեան մէջ կը գտնուէին եւ պատմութիւն կը կերտէին, նո՛յնիսկ` անտեղեակ անկախութեան հռչակումէն եւ ո՛չ թէ մեզի նման 100 տարի ետք մեկնաբանութիւններ կը կատարէին: «Զանգ»-ի 28 մայիս 1918-ի (երեքշաբթիի) թիւը կարելի չեղաւ գտնել, սակայն յաջորդող «Զանգ»-ին թիւը լոյս կը տեսնէ ուրբաթ, 31 մայիսին, ուր կը կարդանք Զեմլեակի (Յարութիւն Նանումեան) մահուան գոյժը եւ զինուոր Գ. Գէորգեանի հետեւեալ թղթակցութիւնը Սարդարապատի ճակատէն, որ հաւանաբար գրած էր մայիս 28-ին եւ ուղարկած` թերթին. «Ականատեսի թռուցիկ տպաւորութիւններ Սարդարապատ կայարանը ազատագրելու առիթով» (արեւմտահայերէնի վերածուած) (1).

1. «Սարդարապատ կայարանը (այժմ` Արմաւիրի կայարան, ՅՉ) թշնամիէն ազատագրելը էական նշանակութիւն ունեցաւ թէ՛ հայ խաղաղ ազգաբնակչութեան եւ թէ՛ զինուորներուն համար: Մինչեւ յաղթանակը` բոլորը բնազդօրէն կը զգային պահուն լրջութիւնը եւ յուսահատ տրամադրութեամբ Աստուծոյ կ՛աղերսէին` ելք մը փնտռելու այս ճգնաժամային դրութենէն դուրս գալու համար: Ոչ միայն լքուած, անառագաստ ու անղեկ կը գաղթէր խաղաղ հայ ազգաբնակչութիւնը, այլ նաեւ զինուորն ալ իր գլուխը կորսնցուցած` հանգրուան մը կը փնտռէր եւ չէր գտներ:

«Դրութիւնը փոխուեցաւ:

Գ. Գէորգեանին թղթակցութիւնը, «Զանգ» 31 մայիս 1918 եւ Զեմլեակի մահուան գոյժը

«Զինուորները այնպիսի վեհ ոգեւորութեամբ կը յառաջանային դէպի ճակատ, որ ոչ մէկ համեմատութեամբ կարելի է բաղդատել 2 օր առաջուան տրամադրութեան հետ. բոլորն ալ ուրախ էին պատուով մեռնելու, որովհետեւ անոնք կը զգային բովանդակ հայ ազգին գոյութեան սպառնացող բնաջնջումի անխուսափելի վախճանը: Չափազանց հետաքրքրական էր այդ պահուն գտնուիլ զինուորներուն միջեւ: Նո՛յնիսկ ամէնէն վախկոտ ու փոքրոգի մարդուն ոգին կը բարձրացնէր եւ իւրաքանչիւրին առիւծ կը դարձնէր: Մէկ խօսքով, լաւ էր տպաւորութիւնը (տրամադրութիւնը բարձր էր, ՅՉ): Սարդարապատը ազատագրեցինք, սակայն հրաման տրուեցաւ չյառաջանալ ու հանգստանալ:

«Առաւօտեան այցելեցինք մօտակայ Սարդարապատ գիւղը եւ սոսկալի տեսարաններու հանդիպեցանք: Միայն տունի մը մէջ կախած եւ այրած էին 8 կիներ` իրենց երեխաներով եւ այր մարդիկը: Պահ մը կը մտածես, որ (եղեռնագործները) գազաննե՞ր էին, թէ՞ վայրենիներ: Չէ՞ որ հաշտարար պատգամաւորութեան մէջ անոնք (թուրքերը) կը յայտարարէին, որ ազգաբնակչութիւնը թող չգաղթէ, մենք անոնց պիտի չդպնանք, չէ՞ որ գերմանացիները կ՛երաշխաւորէին մեր ֆիզիքական գոյութիւնը, հապա ինչպէ՞ս բացատրել այս: Այդ բոլորը տեսնելով` ակամայ կու գաս այն եզրակացութեան, որ անպայման պէտք է մեռնիլ (մինչեւ մահ պայքարիլ, ՅՉ), միայն թէ թուրքը ոտք չկոխէ մեր աղեկտուր հայրենիքի բեկորը:

Արմաւիր-Սարդարապատի կայարանը այժմ

«Քիչ մը թափառելէ ետք, երբ կայարան եկանք, տեսանք Երեւանէն եկած կամաւորներ, որոնց ներկայութիւնը չափազանց ուրախացուց եւ մեր ոգեւորութիւնը բարձրացուց: Առաւել եւս, զինուորներուն դիմադրութեան ոգին բարձրացաւ` տեսնելով մեզի համար (Երեւանէն) ուղարկուած նուէրները (օճառ, ծխախոտ, գուլպայ, ներքնազգեստ եւ այլն, ՅՉ): Մենք զգացինք, որ թիկունքը մտահոգ է մեզմով եւ մինչեւ վերջ պիտի հոգայ մեր կարիքները:

«Լիայոյս ենք, որ Երեւանէն եւ այլ շրջաններէն նորէն կամաւորներ կու գան` մեր ոգեւորութիւնը բարձրացնելու: Բոլորս անհամբեր կը սպասենք` յառաջանալու դէպի առաջ: Գ. Գէորգեան»:

2.  «Շտապի հեռագիր` 28 մայիս, երեկոյեան ժամը 10 (22:00):

«Այսօր երեկոյեան ժամը 8:40-ին անհաւասար մարտերու մէջ հերոսաբար ինկաւ մեր հին հայդուկներէն Զեմլեակը (ձիաւոր խումբի հրամանատար` Յարութիւն Նանումեան, ՅՉ):

Ձախէն աջ` Յովհաննէս Քուրանեան, Օնէ (Յովհաննէս Մելքոնեան), Զեմլեակ (Յարութիւն Նանումեան), Եապոն (Յովհաննէս Պարոնեան), Տալի Ղազար (Միքայէլ Պատալքէօխեան), Բաշգառնեցի Մարտիրոս (Մարտիրոս Աբրահամեան), Ռիժա Տիգրան:

«Թուրքերը երեքօրեայ կռիւներէ ետք ջարդուած են եւ հապճեպով կը նահանջեն: Անոնց զօրամասերը երեք խումբերու բաժնուած են: Առաջինը Ալագեազի կայարանէն կը նահանջէ դէպի Անի կայարան, երկրորդը` Կրմզլու (Կարմրաշէն,  Թալին) եւ երրորդը` Ախջա-կալա: Մեր զօրամասերը քայլ առ քայլ կը հետապնդեն զանոնք: Ոգեւորութիւնը աներեւակայելի է:

«Կէս գիշերին կը յայտնեն, որ մերինները ազատագրած են Ալագեազ կայարանը եւ կը յառաջանան դէպի Անի»:

23 Սեպտեմբեր 2018

———–

(1) «Զանգ», թերթ, Երեւան, Բ. Տարի, թիւ 38, 31 Մայիս 1918, էջ 3:
(2)  Նոյնը, էջ 4:

 

 

 

Յուշատետր. «Ես Այդ Շունն Եմ»

$
0
0

Ռ. Հ.

Դեռ կը մտածեմ շան ճակատագրին մասին, շունը, որ այնքան հաւատարիմ է մեզի, եւ որուն անունը սակայն յաճախ կը գործածուի որպէս նախատինք: Այդքան արհամարհելի՞ է շունը: Եթէ այդպէս ըլլար, շունը կը դառնա՞ր դէպի անջրպետ արձակուած առաջին անասունը, այդպիսի պատիւի մը կ՛արժանանա՞ր:

1957-ին, երբ նոր թափ կը տրուէր դէպի անջրպետ թռիչքներու, Լայքա անուն նշանաւոր շունը արձակուեցաւ դէպի անջրպետ, շաբաթ մը ապրեցաւ հոն, շաբաթ մը վերջ մեռաւ անջրպետին մէջ: Հերոս շուն մըն էր ան, թէեւ ինք չէր, որ ընտրած էր այդ հերոսութիւնը:

Է՜հ, մեր երիտասարդութեան շրջանէն սկսեալ ի՜նչ նշանաւոր շուներ կը գործէին կամ կը ստեղծուէին միջազգային գրականութեան ու շարժանկարի աշխարհին մէջ: Ես չեմ մոռնար Ռիփ Վան Վինքըլ անունը, կարծեմ` ամերիկեան գրականութեան մէջ ստեղծուած կերպար մը, որ կնոջ տրտունջներէն ազատելու համար տունը կը լքէ ու իր Վոլֆ անուն շան հետ լեռ կը բարձրանայ:

Մեր երիտասարդական շրջանի Հոլիվուտեան ժապաւէններէն մէկուն հերոսն էր Ռին Թին Թինը: Աշխարհի ամէնէն նշանաւոր շունն էր ան հեռատեսիլի ժապաւէններուն վրայ 1954-էն սկսեալ, մինչեւ որ սպիտակ պաստառի վրայ յայտնուեցաւ ուրիշ շուն մը` Լեսսի անունով:

Ատենօք, երբ շարժանկարի ժապաւէն մը դիտելու  համար «Սինեմա» կ՛երթայինք, օրուան ժապաւէնէն առաջ անպայման ցոյց կը տրուէր Ուոլթ Տիզնիի կողմէ պատրաստուած գծիկով ժապաւէն մը, որուն գլխաւոր հերոսը Միքի մուկն էր` Միքի Մաուս: Բայց քանի որ կատուն չէինք կրնար երեւակայել առանց շան, Միքի Մաուսն ալ իր դիմաց ունէր միշտ Փլիւթոն

Որքան երկար տարիներէ ի վեր այլեւս սինեմա չեմ երթար, ուստի չեմ գիտեր, թէ այսօր ալ ժապաւէնի մը ցուցադրութենէն առաջ ողջոյն մը կը տրուի՞ Ուոլթ Տիզնիի անմոռանալի տիպարներուն:

Բայց գիտեմ, որ կայ շունը իբրեւ հերոս ընդունող գծիկով ժապաւէններու առատութիւ՜ն մը:

Չեմ մոռնար Թեն-Թենին նշանաւոր շունը` Միլուն:

Չեմ մոռնար տակաւին Չարլի Պրաունի հերոս շունը` Անուփին, որ մեզի մտածել կու տայ, որ շունը երբեմն աւելի խելացի էր, քան թէ իր տէր Շարլ Պրաունը:

Բայց թողունք օտար աշխարհը ու նայինք հայ մշակոյթի ու հայկական ապրումներու աշխարհէն ներս: Շատ հեռու երթալու պէտք չունինք, որովհետեւ հայոց աշխարհէն ներս մեզ անմիջապէս պիտի դիմաւորէ մեր Յովհաննէս Թումանեանը, որ ի ձեռին ունի մանուկներու համար գրուած «Շունն ու կատուն» կամ «Մի կաթիլ մեղր»-ը:

Բայց ասիկա պարզապէս մուտք մըն է: Շունը լայն տեղ ունի հայ գրականութեան կամ օտարալեզու հայկական գրականութեան մէջ: Ամէնէն առաջ կը յիշեմ Փիթըր Պալաքեանի նշանաւոր անգլերէն գիրքը` «Ճակատագրի սեւ շունը», որուն մէջ այնքան յուզիչ լեզուով կը պատմէ 1915-ի ողբերգութեան դրուագները` սկսելով իր ընտանիքէն:

Բայց շատ զարմացած էի, երբ օր մըն ալ ինծի հասած էր լիբանանահայ հանգուցեալ գրագէտ Պօղոս Սնապեանի մէկ գիրքը` «Ես այդ շունն եմ»: Ինչ զգայացունց խորագիր գիրքի մը համար: Սնապեան ինչպէ՞ս ինքզինքը կը նոյնացնէր շան մը հետ: Պատասխանը կար առաջին էջերուն վրայ: Կը խօսուէր պատմութեան մը մասին, ուր շուն մը հայոց տառապանքներու մէջէն անցած հայու մը շունչը կը ճանչնայ ու զայն կը տանի նոյն տառապանքներուն մէջէն անցած ուրիշ հայու մը, քով քովի կը բերէ զանոնք, որպէսզի խօսին հայոց տառապանքներուն ու ապրումներուն մասին: «Ահա ես այդ շունն եմ», կ՛ըսէ ուրեմն Պօղոս Սնապեան:

Հայոց դիցաբանութեան մէջ կայ «Յարալէզ»-ը, որ շուն չաստուածն էր, որ լիզելով կ՛ողջնցնէ մեռեալ մարդը: Յիշենք Շամիրամի ու հայոց Արա Գեղեցիկ թագաւորին պատմութիւնը: Շամիրամ, որ սիրահարած էր Արա թագաւորին, Արա թագաւորին մահէն ետք անոր մարմինը յուսահատօրէն կը թողու բացօթեայ` սպասելով, որ յարալէզները գիշերը գան ու ողջնցնեն թագաւորը: Ի՜նչ մեղք, որ յարալէզները չեն գար:

Յարալէզներ:

Չեմ կրնար մոռնալ, որ ֆրանսահայ ականաւոր գրագէտ Շահան Շահնուրի երկրորդ նշանաւոր գործն է. «Նահանջ առանց երգի»-էն ետք, «Յարալէզներու դաւաճանութիւնը» վէպը:

Հայոց լեզուին մէջ շան տեսակ մը կայ, որ գամփռ կը կոչուի: Կ՛ողջունեմ այս բառը, որովհետեւ գեղապաշտ մեր գրագէտ Ռուբէն Զարդարեանի ամէնէն նշանաւոր գրութիւններէն մէկը կոչուած է «Գամփռը»: (Կ՛երեւի ուղղագրական սխալով): Այս գրութիւնը կը բացուի հոյակապ լեզուով մը: Եկէք` հոս այս առիթով անգամ մը եւս կարդանք այս գրութեան առաջին հատուածը ու փառաբանենք Զարդարեանի գեղահիւս ոճը, որ պատիւ կը բերէ մեր մայրենիին.

«Հսկայ, պերճաշուք գամբռ մըն է` լեռներուն եւ դաշտին կազդուրիչ օդովը սնած ու հասակ առած, որ կը քալէ յաղթական ու հանդարտ վէսութեամբ մը, երբ քաղքենի շուներու ամբողջ վոհմակը, գաճաճ, քոսոտ, շատախօս` կը հալածէ զայն մոլեգնաբար: Իր երկու կողերէն դարվար կը կախուին մազերը գանգրաւոր առատութեամբ, յայտարար նշան` իր ազնիւ ցեղին ու ազնուականութեան, մինչդեռ հերաթափ կռնակը կը մատնէ արդէն իր ծերութիւնն ու տարիքին յառաջացած ամլութիւնը: Լայնանիստ, հուժկու, կուրծքը` դուրս ցցուած պարոյրով անսովոր գեղեցկութիւն մը կու տայ իր անասունի ամբողջ անձին, բոլորովին տարբեր այն հասարակ շուներէն, որոնք փողոցներու ցեխին ու աղբախառն զազրութեան մէջ կը ծնին ու կը մեծնան, եւ որոնց ահա բոլոր արգահատելի բանակը իր ետեւէն կը վազէ ու կը հաջէ:

Բայց ինչո՞ւ կը հաջէ»:

rh@normarmara.com

Ալիպորոն-Պորոնալին Կամ Ինչպէս Ձաղկել Գեղագիտական Կեղծիքը

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ոչ հեռու անցեալին, իրաւ եւ կեղծ գեղարուեստի մասին երբ կը խօսէի, կը յիշէի «Պորոնալի»-ի պատմութիւնը, որ այնքան տպաւորած էր զիս: Չէի գիտեր, դէպքին վայրը, դերակատարները, չէի գիտեր թէ նման դէպք իրապէս պատահա՞ծ էր, թէ՞ ոչ:

Բայց պատմութիւնը այնքան դիպուկ էր արուեստի եւ գրականութեան պարագային իրաւը կեղծէն ջոկելու համար, արտահանելու արժէքը, զոհ չըլլալու համար կեղծին եւ խնկարկող, փայլիլ ուզող կեղծ արուեստասէրներու:

Ֆրանսերէն snob բառին համար բառարանը կ՛ըսէ` պճնամոլ: Զարդարուիլ, ներկայանալ վարձու պատկերով: Կիսագրագէտներ եւ անգրագէտներ երբ կը ծուարին այս կամ այն իրաւ կամ կեղծ «հանճար»-ի շուքին, իրենք ալ պճնուելով` իրենք զիրենք կը խաբեն, քիչ մըն ալ` ընկեր-բարեկամները: Իրաւութիւն չեն նուաճեր:

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթ, շաբաթ, 6 հոկտեմբեր 2018-ի համարով անդրադարձած էր այս պատմութեան: Գեղագիտութեան դաս` ե՛ւ արուեստագէտին, ե՛ւ արուեստասէրին համար: Չդիմացայ գրուածը թարգմանելու փորձութեան:

Յօդուածը կ՛արժէ կարդալ, մտածել, դիտել մեր շուրջը, լսել եւ փորձել զոհը չըլլալ անբովանդակ նորաձեւութեան եւ կապկումի:

Խիստ հետաքրքրական խորագիր`

«Նկարել Իշու Մը Պէս.  արուեստ. վերացական կտաւ մը, իրականութեան մէջ խաբէութիւն մը` երեւակայուած 1910-ին, Մոնմարթրի շրջանակին մէջ, կը վերադառնայ այն վայրը ուր յղացուած էր»:

Յօդուածը ստորագրած է Էրիք Պիէթրի-Ռիվիէր:

«Առասպելական պատկեր մը, պտուղը` արուեստի պատմութեան ամէնէն զուարճալի խաբէութիւններէն մէկուն, կը վերադառնայ հոն, ուր ծնած էր: Իր նոր ցուցադրութեան առիթով, յատկացուած Պիւթի (Փարիզի Մոնմարթր թաղամասի բլրակը, ուր սովորաբար կը խմբուին արուեստագէտները, Յ.Պ), թանգարանը առանձնաշնորհը ունեցած է, որ  երկուքուկէս ամսուան իրեն տրամադրուի համար «Եւ արեւը քնացաւ Ատրիականի վրայ»-ն (Et le soleil s՛endormit sur l՛Adriatique):

«Ըստ կտակի տրամադրութեան, այս գործը իրաւունք չունի դուրս գալու զինք պահող հաստատութենէն` Միլլի-լա-Ֆորէյի «Փոլ-Պետիւ» մշակութային կեդրոնէն: Բայց շէնքը վերանորոգման կ՛ենթարկուի, եւ ուրեմն առիթ է վերստին տեսնելու այս համայնապատկերը` զարմացնող արմատական իրապաշտութեամբ, քանի մը մեթր հեռու` Լափեն Աժիլ Կապելայէն, ուր ան իրականացուած էր: Կապոյտ խորքի մը վրայ` իր կէսին, նարնջագոյն եւ դեղին վերը, առաջին մասով քանի մը հպումներ ամբողջը կտրատող, մինչեւ` վերացականութիւն:

«Քորթօ փողոցի թանգարանէն մեկնելով, կը բաւէ իջնել Սոլ (Saules) փողոցով, անցնելով այգիի կողքով, հասնելու համար «Լափեն Աժիլ»` անցեալի պոհեմներու հանդիպման վայրը, այլեւս մոմիա դարձած` որպէս զբօսաշրջութեան հասցէ:

«Ալիպորոն Ծանօթ` Որպէս Պորոնալի

«Մուտքը եզերող պզտիկ պարտէզին մէջ, 1910-ին, քանի մը զուարթ անառակներու խումբ մը, ղեկավարութեամբ աշկերտ լրագրողի մը` Ռոլան Տորժըլես, աշակերտ` զարդարուեստի, նիւթած է խաբէութիւնը:

Ալիպորոն Պորոնալին եւ իր տէրը

«Փաստելու համար, որ կարգ մը յառաջապահականներու (avant-gardistes) գործերը, ցուցադրուած` Անկախներու ցուցասրահը (salon des indépendants), լոկ տխմարութիւններ էին, խմբակը բեռնակիր իշու պոչին կապած էր վրձին մը, մեծխօսիկ Ֆրետերիք Ժերար, կոչեցեալ` Ֆրետէ: Կոշտ կերպով ուրուագծուած կտաւ մը դրուած է ետեւը, աթոռի մը վրայ: Եւ անասունը յետոյքի քանի մը հարուածներով ամբողջացուցած է: «Ալիպորոն» կոչուածը քանի մը օր զրկուած է ստեպղինէ, եւ ամէն անգամ, երբ անոր այդ կը ներկայացուէր, կը գրգռուէր: Իր խառնիխուռն ծեփածը ստորագրուեցաւ իր իտէալականացուած կեղծ անունով` Ժոաշիմ Ռաֆայէլ Պորոնալի:Նկարը ընդունեցաւ Սալոնին կողմէ, դրուեցաւ թիւ 22 սրահը, եւ հանրութիւնը չվարանեցաւ իր աչքերը լայն բանալու այս յեղափոխական գործին դիմաց, մանաւանդ որ հեղինակը խորհրդաւոր էր:

«Տորժըլես, մամուլով անձամբ հրապարակեց գաղտնի խաղը 1 ապրիլ 1910-ին: Խաբէութեան պատրաստութեան պահուն ան կազմակերպած էր այնպէս, որ դատարանի պաշտօնատար մը եւ լուսանկարիչ մը ներկայ ըլլան: Հաստատումը եւ լուսանկարները ոչնչացուցին յաւակնոտները, անկարող արուեստագէտները եւ ինքնահաւան քննադատները: Նաեւ, Մոնմարթրի թանգարանին ներկայացուած լուսանկարներէն մէկուն վրայ, Տորժըլես, ապագայ նախագահը Կոնքուր ակադեմիային, կ՛երեւի դիմակով: Ան բաժակ կ՛առաջարկէ ընդհանուր բարբաջանքին, որ կը թուի արուեստ ըլլալ: Ան բաժակ բռնած է իշուկի եւ իր մեղսակիցներու, ինչպէս ներկայութեան, գրող եւ արուեստագէտ Անտրէ Վիրնուտ կամ Ժան Օպրիին` «Ֆանթազիօ» երգիծաթերթէն: Այդ թերթը հրատարակած էր նաեւ «Յայտարարագիր չափազանցապաշտութեան» մը, ստորագրուած… Պորոնալի (Manifeste de l՛excessivisme):

«Պատմութեան մանրուքի համար յիշենք, որ նկարիչ եւ քանդակագործ Անտրէ Մայոս գնեց նկարը 4000 եւրոյի: Տորժըլես գումարը տուած է Արուեստից որբանոցին: Եւ 1953-ին արուեստի հաւաքածոյ կազմող Փոլ Պետիւ գնած է նկարը»:

Արուեստասէրը եւ գրասէրը կը խեղճանան, երբ նորաձեւութիւնը կը ծափահարեն, քայլ պահելու համար… անարժանին եւ անարժէքին հետ: «Պորոնալի»-ի պատմութիւնը քննադատական միտքի զարգացման նպաստ է, եթէ գիտնանք մտածել:

«Պորոնալի»-ի նկարը կարելի է տեսնել մինչեւ 20 յունուար, Musée de Montmartre-Jardins Renoir (Paris XVIIIe):

8 հոկտեմբեր 2018, Նուազի-լը-Կրան

 

Պայքար Այբուբենական

$
0
0

ԳՐԻՇ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Մաքառումի դասն անողոք
Մենք սերտել ենք Վարդանանքով,
Ու դարերի փոշու դիմաց
Տոկացել ենք հանց լեռ Մասսեաց,
Արարատուած երկնասլաց:

Այժմ չի պատի ձեր հողմը բութ
Գագաթներին մեր ձիւնակութ,
Որ մխրճել ենք դարերի
Լուսաթաթախ գիրկն եթերի:

Այնտեղ ԱՅԲ-ն է արեւ վառում,
Արդարութիւն աղաղակում,
Ոգով վեհին է կարկառւում:

ԲԵՆ-ը բանի բուրվառն է սուրբ,
Բոց է բորբոք,
Բարձունք է լուրթ:

ԳԻՄ-ը գոյի գինեգաւն է,
Գիտութեան վեհ գերական է:

ԴԱ-ն` դաշնալուր դրուաբանը,
Սասնա Դաւիթ դիցականը,
Հայոց դպրոց, դասարանը:

ԵՉ-ը երգ է ու երգերգոց
Գողթան կուսաց անուշ հոգոց:

ԶԱ-ն զանգակն է մեր զօր զարմի,
Զրնգոցով ազատազնի:

Է` էութեան էջմիածին,
Էպոսը մեր էթնոսածին:

ԸԹ` ընտանի, ընտանեկան,
Այլեւ ըմբոստ, ընդդիմական,
Ընդմիշտ ընտիր, ընկերական:

Թորգոմեան ԹՈ-ն թոնիր է թէժ,
Խեժ ու լաւա, զովող ջրվէժ:

Ժայթքում է ԺԵ` հայրենավրէժ:

ԻՆԻ-ն ինքեան իմաստութեամբ
Իմացութիւն է ինքնութեան,
Անձնեայ վսեմ անհատութեամբ:

ԼԻՒՆ` լեզու է լեռնաստանի,
Մաշտոցական տեսլականի,
Որ սրբեղ է ու լուսածիր,
Լիանուագ, հնչիւնալիր:

Խորախորհուրդ խազմական ԽԵ-ն
Խիստ ու խրոխտ է ապաքէն:

Ծագեցնում է ԾԱ-ն ծիածան,
ԿԵՆ-ի կամքով կոթողական,
Երկնի լայնքով ամբողջական:

Համազգային համալեզու
ՀՈ-ն համօրէն է հայասուն,
Շուրթից հոգի ու սիրտ հոսում:

ՁԱ` մատենից ձոյլ ձեռագիր,
Ծաղկադրուագ, երկաթագիր:

Ղօղանջող ՂԱՏ` ձայնեղ փանդիռ,
Սրտի թրթիռ,
Յոյզի հրթիռ:

ՃԷ` ճառագայթ ճշմարտութեան
Ճիգ ու ճախրանք հանճարութեան:

ՄԵՆ` իմաստը մեր մեծութեան,
Համեստութեան, մարդկայնութեան:

ՅԻ-ն յիշատակ է Տարօնից
Յաշտից Տեղիք սրբաստանի,
Նուիրական Նաւասարդից.
Վահագնեան բոց մեհենական,
Առատութեամբ Անահիտի
Ու Աստղիկի սիրայնութեան
Վարդավառով բագինների:

ՆՈՒ-ն ներդաշնակ ներբող է նուրբ
Նպատակի նորոգ ու սուրբ:

ՇԱ` շանթ է շէկ ու շկահիւն,
Ոգորումով Ո՜ հմայուն,
Որոտում է ամպրոպ, թնդիւն:

Չարադրուժ ՉԱ-ն է չքնաղ,
Չեմուչեմով նազող շարմաղ,
Պարանցում է հանց ՊԵ պայծառ,
Յոյլ օրօրով ու սիրավառ:

Ջինջ է ջինջ ՋԷ-ն,
Ջինջ է հանց ջուր,
Ծարաւաբեկ մի սառնաղբիւր:

Ռազմագոչ ՌԱ-ն ռամիկ է ծուռ,
Փոցխը, մաճը, բահը ի բուռ,
Նետը, թուրը, վահանը կուռ:

ՍԵ-ն սխրանքի սէր է ու սուր,
Վատութեան դէմ ՎԵՒ սայրասուր
Հերձատում է խանձով ահուր:

ՏԻՒՆ, ՐԷ` տարերք են տարափոխ,
Տարր արգաւանդ, բերրի մայր հող,
Բեղունութեան ծին ու ծնող:

ՑՕ-ն ցանք է ցիր ցորեն ատի,
Ոսկուն ցոլանք ու ցող ցայգի:

ՎԻՒՆ-ը փոքր չէ, ոչ էլ հիւծուած,
Հիւսուած նարօտ է երանգուած:

Ու թէ փողփայ, փայլատակի,
Փոթորիկը ՓԻՒՐ կը փրթի,
Քերթելու ՔԷ քնարական,
Քաղցրաբարբառ, քանքարական…

Տառ ու գրի գիւտ գերագոյն,
Ձեռամբ հզօր ու սրբագոյն
Սուրբ Մեսրոպի, Սուրբ Սահակի
Փառքով անխախտ յաղթանակի,
Ոտքի է, օ՜ն, վեհ պայքարի
Մեր դրօշն է տանում մարտի,
Ազգապահպան մեր խոյանքի
Ու սխրանքի,
Որ տքնական տոկունութեամբ,
Արարատեան տիտանութեամբ
Ամրակուռ է մեր հայութեամբ,
Հայոց լեզուով, աւանդութեամբ…

Արդ, մեր դիմաց, ո՛չ, չի պատի
Ձեր հողմը բութ ու թերատի,
Քանզի վաղուց
Մաքառումի դասն անողոք
Մենք սերտել ենք Վարդանանքով…

Ո՛վ Աստուած, ո՛վ աշխարհք, ո՛վ բնութիւն:

 

 

Viewing all 12097 articles
Browse latest View live