Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12041 articles
Browse latest View live

Պահը Յաւերժացնող Սամուէլ Թադեւոսեանի Հետ («Յարատեւ Կռիւ» Փաստագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութեան Առիթով)

0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Յայտնապէս, պահը, որուն կ՛ակնարկուի, սովորական կամ ընթացիկ կեանքին մաս չի կազմեր: Աւելի՛ն. անիկա այն պահն է, որով ազգ մը ամբողջ կը հպարտանայ, անով կը հարստանայ եւ յիշողութեան արմատները կ՛ամրապնդէ:

Արդ, ո՞վ կը համարձակի ըսել, որ յաղթելու կարողութիւնը, այսպէս ըսած, լոկ ի վերուստ տրուած յատկութիւն, շնորհ մըն է, որ կը պատկանի այս կամ այն ժողովուրդին, ազգին ու պետութեան: Այլ խօսքով, չեն եղած ու չկան յաւերժ պարտեալ կամ յաղթական ժողովուրդներ ու պետութիւններ:

Ընդհակառակն, յաղթանակներ կերտուած են շնորհիւ մարդկային անասելի տառապանքի, նուիրումի ու անմնացորդ զոհողութիւններու, յանուն հայրենիքի ազատագրութեան, ժողովուրդի բարօրութեան եւ գոյութենական պայքարի:

Մեզի` հայութեան համար, դարերու խորերէն հասած ճշմարտութիւն մը յաճախ ինքզինք պարտադրած է: Ճշմարտութիւն, որուն հասանելիութիւնը այդքան ալ հեզասահ չէ եղած, որովհետեւ իբրեւ քաղաքակրթութիւն ստեղծած ազգ, միշտ ալ անտեսած ենք գազան(ացած) մարդու (թշնամի թէ բարեկամ) ներկայութիւնը ամէն առիթի ու միջավայրի:

Եւ ատոր համար ալ շատ սուղ վճարած ենք ազգովին: Այսուհանդերձ, կրցած ենք վերականգնիլ, ամբարել ներուժ, գիտակցիլ ստեղծուած կացութիւններու եւ մարտահրաւէրներու ահաւորութեան, կառչիլ ազգային արժեհամակարգին եւ նետուիլ պատերազմի դաշտ, ամէն անգամ որ մօտալուտ եղած է բնաջնջումի սպառնալիքը:

Այո՛, նման յաղթանակի ու հրաշալի սխրանքներու ականատես եղանք մենք, եւ ապա` մարդկութիւնը համակ, երբ հայը յաղթեց զազրութեամբ բնորոշ թուրք-ազրպէյճանցիին եւ կրցաւ ազատագրել իր բռնագրաւուած հայրենիքը` Արցախը:

Փաստօրէն, մերօրեայ հայոց պատմութեան ոսկեայ էջերուն, պատուով արձանագրուեցան հայոց ինքնապաշտպանական մարտերը, քաջ տղոց հարուածող բազուկի ուժը, ռազմագէտ հրամանատարներու հնարամտութիւնը, բայց մանաւանդ` թշնամին զգետնելու հայու կամքն ու կորովը:

Արդեօք նման վեհափառ յաղթանակներ կարելի պիտի դառնայի՞ն առանց հայրենի հողի ուժին, որուն սնուցումը սուղ արժած է հայութեան համար, որովհետեւ հայրենի հողը պաշտպանուած է ու ցարդ կը պաշտպանուի միայն ու միայն զուլալ արեան հեղումով եւ կը ծաղկի դարաւոր քրտինքի շաղախումով:

Ահա մեծագոյն իմացումը` յաղթանակին: Յաղթանակ, որ իր կարգին կը մղէ մեզ ազգովին ըլլալու աւելի քան զգօն ու շրջահայեաց, լաւապէս ըմբռնելու, որ յաղթանակը նաեւ կը պարտաւորեցնէ, ձեւով մը կը պարտադրէ, որ հայութիւնը դիմէ առաւել ինքնաճանաչման եւ ինքնահաստատման:

Այս իմաստով ընդգծենք, որ նման ծառայութեան կոչուած է, ի շարս այլոց, ազնուասիրտ հայորդի, նուիրեալ ազատամարտիկ եւ վաստակաւոր բեմադրիչ ու հեղինակ-բեմագիր Սամուէլ Թադեւոսեան, որուն ստեղծագործական աշխատանքին քաջածանօթ է հայութիւնը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Յայտնապէս, իբրեւ այդպիսին, հայրենապաշտ բեմադրիչին միտքն ու հոգին, սիրտն ու բազուկը երբեք ալ դադար չեն ունեցած, խաղաղութեան թէ պատերազմի օրերուն: Փաստօրէն, Սամուէլ Թադեւոսեանի հայատրոփ զգացումներն ու անշպար ապրումները միշտ ալ ճառագայթած են անոր պատրաստած տեսերիզներուն մէջ, անոնք ըլլան խաղարկային, տեղեկագրական թէ փաստագրական:

Բեմադրիչ Սամուէլ Թադեւոսեանի յուզաշխարհը, պահը յաւերժացնելու կամքն ու կորովը, արուեստագէտի սուր նայուածքն ու անոր տեսախցիկի ոսպնեակը գրեթէ նոյնանպատակ գործած են, իրարմով շնչած եւ շնչաւորուած` յանուն հաւաքական յիշողութեան պահպանման:

Ահա գաղտնիքը անոր յաջողութեան եւ արգասաբեր աշխատանքին:

Փաստօրէն, Արցախի ազատագրական պայքարի օրագրութիւնն ու աննման տղոց սխրանքները արձանագրած Սամուէլի հոգին ու միտքը, ինչպէ՛ս պիտի կարենային հանգիստ մնալ, երբ, այս անգամ, քառօրեայ պատերազմին հայութիւնը կրկին կը նետուէր պարտադրուած պատերազմի դաշտ` յանուն հայրենիքի եւ ազգային արժանապատուութեան պաշտպանութեան:

1-4 ապրիլ 2016, դարանակալ թուրք-ազրպէյճանցին անակնկալ յարձակումներու կը դիմէր` բնաջինջ ընելու արցախահայութիւնը: Հայոց բանակը, իր կարգին, իր թիկունքին ունենալով ամբողջ հայութիւնը, իր ժայռապատ կուրծքով դէմ կը դնէ վայրագ թշնամիին անակնկալ յարձակումին եւ ի գին անդառնալի կորուստներու կը յաջողի զգետնել թշնամի հորդաներ ու ամուր պահել հայոց միջնաբերդը` Արցախը:

Ահաւասիկ նորօրեայ դիւցազներգութեան փաստագրումն է, որ լոյսին կ՛ուզէ բերել  յանձնառու ու խիզախ արուեստագէտը եւ հայոց հոգեմտաւոր շտեմարանին յանձնել իրական պատմութիւն մը, որուն դերակատարները Արարատապաշտ մեր տղաներն էին եւ ե՛ն, իսկ միջավայրը` հայրենի սուրբ հողը:

Այս իմաստով յիշատակելին այն է նաեւ, որ բեմադրիչը առանց վարանումի եւ քաջաբար կը շեշտադրէ ազգային այն արժանիքները, որոնք պատնէշ եղած են եւ մեզ պաշտպանած ոսոխի բոլոր խժդժութիւններուն դէմ: Ան յաւերժացնելէ ետք մարտերը, կ՛արձագանգէ այն բիւրեղ երեւոյթին ի տես, երբ հայութիւնը մէկ մարդու նման ոտքի կանգնած օգնութեան կը հասնի հայոց բանակին` զօրավիգ կանգնելով անոր բոլոր աշխատանքներուն:

Միւս կողմէ, սփիւռքահայութիւնը առանց ժամանակի կորուստի կը դիմէ լայնածիր քարոզարշաւի` Արցախ ուղարկելով օտար լրագրողներու իրերայաջորդ խումբեր, որոնք իրենց ականատեսի վկայութեամբ կը ջատագովեն հայութեան ուժն ու դիմադրական պայքարը:

Բեմադրիչ Սամուէլ Թադեւոսեանի ոսպնեակը մեծ խանդավառութեամբ եւ երկիւղածօրէն լուսանկարած է այնպիսի պատկերներ, որոնք կը հանդիսանան հայ ժողովուրդի փառքն ու պատիւը: Մէկ խօսքով` ան նկարահանած է հայոց նորօրեայ մարտերուն գունաւոր երեսները, որոնք դաստիարակիչ բնոյթ ունին եւ հայութիւնը կը մղեն առաւել ինքնաճանաչման ու ինքնավստահութեան:

Այսօր, եթէ երբեք ազգովին կը տառապինք արդիական քարոզչամիջոցներ որդեգրելու յապաղումէն, ահա որոշակի բաց մը կը լրացնէ Սամուէլ Թադեւոսեան, որուն համար հայութիւնը միշտ ալ երախտապարտ պիտի մնայ:

Ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի նախաձեռնութեան, որ առաջինը չէ Սամուէլ Թադեւոսեանի աշխատանքները լիբանանահայութեան ծանօթացնելու տեսակէտէն, արժանի է բոլորիս գնահատանքին, որովհետեւ անիկա կրկնակի իմաստ եւ հնչեղութիւն ունի այս օրերուն:

Փաստօրէն, ինչպէ՞ս չուրախանալ եւ չոգեւորուիլ, երբ նախաձեռնութեան կ՛ընդառաջեն ամէն տարիքի հայորդիներ, մասնաւորաբար` հայ աշակերտներ, որոնք ներկայ ըլլալով ժապաւէնի ցուցադրութեան եւ լսելէ ետք նոյնինքն բեմադրիչի խօսքն ու պատգամը, շարժասրահէն կը հեռանան երկիւղածօրէն, աւելի հայացած եւ առաւել ինքնավստահութեամբ լեցուած:

Իրօք, դաշնակցական կոմիտէն «Յարատեւ կռիւ» փաստագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը իրականացնելով, արդէն իսկ ծարաւը յագեցուցած կ՛ըլլայ գաղութահայութեան, եւ ի մասնաւորի` երիտասարդութեան, որ մօտէն կ՛ուզէ առնչուիլ Հայաստանի ու հայութեան իւրաքանչիւր դէմքի եւ իրադարձութեան:

Աւելի՛ն. ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան` Քրիստափորի պատգամը խորհրդանշող ժապաւէնը` «Յարատեւ կռիւ»-ը, խորքին մէջ հայոց պատմութենէն մեզի ժառանգուած պատգամն է, որով կրցած ենք ապրիլ ու գոյատեւել, երբ ցոյց տուած ենք մեր բազուկը, միասնութիւնն ու կամքը, եւ բարձր պահած ենք մեր ազգային արժանապատուութիւնը:

Հայրենի վաստակաւոր արուեստագէտին, «Խոնարհ հերոսներ» ֆիլմաշարի հեղինակ Սամուէլ Թադեւոսեանի փաստագրական այս ժապաւէնը, խորքին մէջ նուաճում մըն է ինքնին, որ կը նպատակադրէ առաւել ուժեղացնել եւ ամրապնդել հայոց միջեւ առհաւական կապը` իբրեւ պատուանդան հետագայ յաղթանակներու:

3 հոկտեմբեր 2018


Ազնաւուրը Բարձրացաւ

0
0

Յ.  ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ազնաւուրը բարձրացաւ երէկ:

Այո՛, բարձրացաւ բեմէն:

Բարձրացաւ ընթացիկ մարդկութենէն:

Բարձրացաւ իր ֆրանսական հպատակութենէն:

Բարձրացաւ իր հայկականութենէն:

Եւ այլեւս բարձր պիտի մնայ մեր բոլոր ժամանակներուն մէջ: Պիտի մնայ հոն, մնայուն, ոչ թէ հեռացածի տպաւորութեամբ, այլ` բարձրացածի:

Պէտք չէ «ազգայնացնենք» անոր սուգը:

Ընդհակառակն` ատիկա կրնայ նսեմացնել անոր յիշատակն ու համբաւը:

Ազնաւուրը կեանք էր, եւ կեանքը չի մեռնիր: Անոր վերջին հրաժեշտը եղաւ ժպիտով եւ ծափերով: Այն ժպիտը, որ իր խօսքերուն ընդմէջէն կ՛ուրուագծուէր իր անմեղ եւ բարի դէմքին վրայ:

Ազնաւուրը համաշխարհային ու համամարդկային երգիչ էր եւ միեւնոյն ժամանակ աշխարհի մէջ հայ ժողովուրդի խտացած պատմութիւնը ունէր:

Ազնաւուրի ապրելու, պայքարելու, սիրելու, հիասթափուելու, արտադրելու, ստեղծելու եւ մանաւանդ դժուարութիւնները յաղթահարելու կամքը կը թագադրուի իր բարութեամբ:

Յուղարկաւորութեան արարողութեան ժամանակ Հայաստանի վարչապետին եւ Ֆրանսայի նախագահին խօսքերով ճիշդ է, որ իբրեւ հայ բոլորս զգացինք, որ հարազատ մը կորսնցուցինք, սակայն միեւնոյն ժամանակ աշխարհը զգաց, որ բարութեան, մտքի, բառի եւ զգացումի համամարդկային խորհրդանիշ մը կորսնցուց:

Ազնաւուրի բարձրութիւնը այն է, որ միայն մերը չէ, անոր համամարդկային երաժշտական եւ արուեստի արժէքը կ՛ամբողջանար անոր մարդկային մեծութեամբ:

Մտածումներս կ՛ուզեմ փակել արուեստագէտներու երկու վկայութեամբ:

«Փոքրիկ հսկայ»:
«Հիմա բոլորս որբացանք…»:

 

Որքան Ալ Հայհոյէք…

0
0

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Վերջերս Ֆէյսպուքի էջերը մուտք գործած պահերուս ամէն օր կը հանդիպիմ մարդոց, որոնք այս կամ այն գրութեան տակ վիրաւորանքներով եւ ատելութեամբ տողեր կը լեցնեն, բառեր կը շարեն, երբեմն ալ սպառնալիքներ կ՛ուղղեն:

Մատներս ստեղնաշարին վրայ ցնցումներ յառաջացնելով հայհոյանքներ կ՛ուզեն կազմել, սակայն գաղափարական դպրոցիս բարոյականութիւնը կը ստիպէ, որ ջնջեմ եւ չտեղադրեմ այդ բառերը: Ամէն օր, պոռթկումի պահերու մէջ, կ՛ուզեմ պատասխանել անոնց, որոնք առիթ չեն փախցներ հարուածելու, քարկոծելու, բամբասելու… Կ՛ուզեմ ընդվզումս արտայայտել, բայց չեմ հայհոյեր, չեմ պատասխաներ, եւ այսպէս` ամէն օր…

Այո՛, տակաւին բազմաթիւ բարեկամներ հարց կու տան, թէ հայհոյանքներու տեղատարափներուն տակ ո՛ւր ենք մենք, ո՛ւր են իմ ընկերներս եւ ինչո՛ւ բան մը չենք ըսեր, բան մը չենք գրեր, նոյնիսկ չենք ալ մեկնաբաներ:

Ինչպէ՞ս գրեմ, ինչպէ՞ս հայհոյեմ եւ ինչպէ՞ս վիրաւորեմ, երբ Դաշնակցութեան դպրոցին մէջ սորված եմ, որ ներքին եւ արտաքին թշնամիներ չկան: Սորված եմ, որ ուժը միայն մեր թշնամիին դիմաց կը գործածուի, եւ այդ թշնամին հայ եղբայրս կամ քոյրս չի կրնար ըլլալ, ի՛նչ ալ ըլլան պայմաններն ու կացութիւնները:

Չեմ ուզեր հայհոյել, որովհետեւ թշնամին սահմանին միւս կողմը կանգնած` կը սպասէ այն շարժառիթին, երբ մենք զիրար հայհոյելով զբաղինք, պառակտուինք, բաժնուինք, ու ինք ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն իր անկատար մնացած երազները անգամ մը եւս իրականացնելու փորձ կատարէ: Առաջին օրէն այս էր մտավախութիւնս, որուն համար ներքին յեղափոխութիւններուն դիմաց միշտ ալ զգուշ եմ եւ վերապահ, այնքան ատեն որ անաւարտ կռիւի մէջ ենք…

Երբեմն մէկ քայլ առջեւ եմ եւ երբեմն ալ` ետեւ, որովհետեւ ե՛ւ կ՛ուզեմ, որ ներքին առումով փոփոխութիւններ իրականանան, ե՛ւ կ՛ուզեմ, որ մեր սահմանները անառիկ մնան: Եթէ այս է յանցանքս, ապա շարունակեցէ՛ք հայհոյել:

Ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, պիտի չպատասխանեմ, որովհետեւ հայհոյանքը տկարութեան եւ անկարութեան ցուցանիշ է, դատարկամտութեան արտայայտութիւն է: Չեմ ուզեր հայհոյել, որովհետեւ հայհոյանքով, վիրաւորանքով, անարգանքով, անհանդուրժողականութեամբ, մեծ-մեծ կարգախօսներով հարցերը չեն լուծուիր, այլ կը բարդանան:

Չեմ հայհոյեր, որովհետեւ լաւապէս համոզուած եմ, որ ձեր վերաբերմունքը հետեւանքն է ձեր ապրած գինովութեան, որմէ ուշ կամ կանուխ ուշքի պիտի գաք:

Դուք ո՛չ առաջիններն էք եւ ո՛չ ալ վերջինները, որ Դաշնակցութեան դաւաճան կ՛անուանէք եւ զրպարտութիւններով էջեր կը ծածկէք: Ձեզմէ առաջ շատեր եկան ու գացին, վաղը դուք ալ պիտի երթաք, ես ալ պիտի երթամ, բայց Դաշնակցութիւնը պիտի մնայ…

Պատմութեան դատարանը ոչ մէկը կը խնայէ. հոն վճիռները անփոփոխ են, եւ այդտեղ գինովութիւնը տեղ չունի:

Քրիստափորներու, Նժդեհներու, Մանուկեաններու, Մհերներու նման սուրբերու կուսակցութեան պատկանողները իրաւունք չունին հայհոյելու, տկարանալու, յանձնուելու:

Դուք շարունակեցէք հայհոյել, սակայն ես վերջնականապէս որոշած եմ չհայհոյել…

 

 

Հայաստանի Նորագոյն Զարգացումներուն Լոյսին Տակ. Ո՞վ Պիտի Փրկէ «Մազ»-ը…

0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 2-ին Հայաստանի քաղաքական բեմը արագօրէն ջերմացաւ իրերայաջորդ դէպքերու պատճառով, որոնք եթէ անմիջականօրէն նոր գագաթնակէտի մը հասցուցին Երեւանի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեամբ դրսեւորուած հակադրութիւնները, սակայն խորքին մէջ պարզապէս նոր քայլ մըն էին այն երթին մէջ, որ սկիզբ առած էր աւելի քան հինգ ամիս առաջ, «թաւշեայ յեղափոխութեան» ճամբով:

Անմիջական պատճառներն ու հետեւանքները ծանօթ են. ինքզինք ժողովուրդի կամքին մարմնաւորումը դաւանող վարչապետ Փաշինեանը, նոր քաջալերանք ստանալով երեւանեան յաջողութեամբ, թէժ կրակի վրայ դրաւ խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններու կաթսան` իր ձեռք բերած խաղաքարտերը ծառայեցնելու համար նաե՛ւ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ունենալու եւ իր կառավարութեան յենարանը աւելի եւս ամրապնդելու միտումով: Սա նոր

դիտաւորութիւն չէ, այլ բացայայտուած է այն օրերէն ի վեր, երբ ան հասաւ գործադիր իշխանութեան գլուխը, ապա տարբեր արտայայտութիւններով յառաջ քշեց այժմու խորհրդարանին «անվաւեր»-ութեան տեսակէտը: Մնացեալ զարգացումները յայտնի են, անհրաժեշտ չենք նկատեր մտնելու բոլորին ծանօթ մանրամասնութիւններուն մէջ, որոնց շարքին` ամէնէն ուշագրաւ դէպքը եղաւ կառավարական համաձայնութեան խզումն ու վարչապետին յառաջ քշած տեսակէտին հակադրուած կուսակցութեանց ներկայացուցիչներուն կառավարութենէն դուրս գալը: Պարզ իրականութիւն է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը այժմ կը ներկայանայ մէկ խմբակով, բացի` մէկ փոխվարչապետէ, եւ քաղաքական մեկնաբանութեանց մէջ սկսած է տեղ գտնել «միակուսակցական վարչաձեւ»-ի մտավախութիւնը:

«Խնդրայարոյց օրինագիծ»-ին յատուկ խորհրդարանի նիստը` 2 hոկտեմբերին եւ անոր վաւերացումը դարձան կայծը «ճգնաժամային վիճակ»-ի ստեղծման: Ճգնաժամ բառը չակերտեցինք, որովհետեւ սա է կարծիքը քաղաքական բոլոր ուժերուն ու կողմերուն: Բարեբախտութիւն պէտք է համարել այն, որ վարչապետին ու հակադիր կուսակցութեանց միջեւ բանակցութիւնները միանգամընդմիշտ չեն խզուած. հակառակ զայրոյթի ու սպառնական արտայայտութեանց, մեղադրանքներու հրապարակման (եւ անոնց լուծումի նպաստող տարրեր չեն), նախագահ Արմէն Սարգսեանի` հանդուրժողութիւն ցուցաբերելու կոչը չէ մնացած անարձագանգ: Վարչապետին տարակարծիք կողմերը կը պնդեն, որ ոչ ոք դէմ է կանխահաս ընտրութիւններու ընտրանքին, որովհետեւ բոլորն ալ գիտակից են, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակը պէտք է քաղաքական գետնի վրայ համապատասխան արտայայտութիւն գտնէ, սակայն առարկութիւն ունին հոն հասնելու օրինական քայլերուն շուրջ, մերժելի է այս կամ այն կողմը մեկուսացնելու, վարկաբեկելու եւ դաշտէն դուրս քշելու ընտրանքը (նման փորձեր կատարուած են Հայաստանի մէջ թէ այլուր, երկար ժամանակի վրայ բարիք չեն բերած):

Մթնոլորտին ջերմացումը, ինչպէս նշեցինք, ունի բազմաթիւ պատճառներ. կողմերէն իւրաքանչիւրը բնականաբար արդար կը նկատէ իր կեցուածքն ու հարցերը բարւոք լուծումի տանելու մօտեցումը: Ու եթէ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու օրերուն յանկարծ հրապարակ նետուեցաւ «սեւ-ճերմակ»-ի «տեսութիւն» մը, ու յետոյ փորձ կատարուեցաւ զայն դարմանելու, հիմա կայ նոր «նշանաբան» մը` յեղափոխականի ու հակայեղափոխականի վերագրումները: Այս բոլորը, գումարուելով վէճին վրայ, ստեղծած են զայրոյթի ու դժգոհութեան տրամադրութիւններ` հաւասարապէս երկու ճակատներուն մօտ, անելը կը մնայ անփոփոխ` հակառակ բանակցային ընթացքէն չհրաժարելու կամքին:

Կ՛ըսուի արդարօրէն. «Եթէ զայրացած ես, որոշումներ մի՛ տար, այլ տասը համրէ»: Կարելի է նման յորդորի մը տարբերակներն ալ գտնել, որպէսզի տաքցած բեմն ու զայն աւելի ջերմացնել սպառնացող հաւանականութիւնները տեղատուութիւն ապրին, իսկական երկխօսութեան մշակոյթը փոխարինէ սպառնալիքներու եւ կամք պարտադրելու երեւոյթով ներկայացող ընթացքը: Բոլոր կողմերը հրաւիրուած են լաւ «կարդալու» իրական կացութիւնը, գնահատելու կարողութիւններն ու զանոնք ի սպաս դնելու հայրենիքին, ի շահ ժողովուրդին: Զիրար լսելը, հասկնալն ու յարգելը քաղաքական աւելի բարձր ու ցանկալի մշակոյթ է, քան ինչ որ մեղադրանքներով, սպառնալիքներով ու վերագրումներով կը տիրէ այժմ, խմորուեցաւ վերջին ամիսներուն` յաճախ դուռը լայն բանալով… հայհոյանքի «մշակոյթին» առջեւ (ի մտի չունինք միայն այն դէպքը, որ պատահած է երեքշաբթի գիշեր եւ արծարծուեցաւ խորհրդարանի չորեքշաբթիի նիստին), այլ` նաեւ այն, որ ատենէ մը ի վեր կը տարածուի համացանցային ալիքներու վրայ, սաստկացաւ Երեւանի ընտրութեանց օրերուն: Բնականաբար կարելի է առարկել, որ համացանցային նման արտայայտութիւններ պաշտօնական կամ լուրջ հանգամանք չունին, պէտք չէ արժէք տալ անոնց, բայց կարելի չէ արհամարհել անոնց վատ ազդեցութիւնը քիչ մը ամէն տեղ:

Պահանջուածը խրամատներու կամրջումն ու վիհերու ջնջումն է, եւ ոչ թէ` աւելի եւս խորացումը: Սա չենք արձանագրեր փղոսկրեայ աշտարակէ արձակուած քարոզի տրամադրութեամբ:

… Արաբներու քաղաքական բառամթերքին մէջ կայ հին խօսք մը` «Շաարաթ Մուաուիա», որ կը նշանակէ «Մուաուիայի մազը»: Մուաուիա Պըն Ապի Սուֆիան կը նկատուի օմայատ խալիֆաներու առաջինը: Ինչպէ՞ս ծնած է այս խօսքը: Կ՛ըսուի, որ լաւ կառավարիչի մը արժանիքներուն մասին խօսելով` իր գործակիցներուն ըսած է մօտաւորապէս հետեւեալը. «Լաւ իշխանաւորը ան է, որ իր եւ հպատակներուն` ժողովուրդին միջեւ կը պահէ մազի թել մը. եթէ զգայ, որ ժողովուրդին կողմէ տկարութիւն մը կամ թուլութիւն մը կայ, կրնայ դէպի իրեն քաշել մազը, իսկ երբ զգայ, որ ժողովուրդն է քաշողը, պէտք է տեղի տայ եւ իր կողմէ թուլացնէ պրկուած մազը, սակայն երբեք պէտք չէ թոյլ տայ, որ մազը կտրուի, խզում պէտք չէ տեղի ունենայ»:

Այսօր նման մազ մը կ՛երկարի իշխանութեան եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ: Պէտք է փրկել ու պահպանել այդ մազը` ի շահ երկրին, ժողովուրդին եւ մանաւանդ` բարեկարգչական այն երթին, որ սրտբացօրէն դիմաւորուեցաւ մեծամասնութեան կողմէ: Հարցումը այն է, թէ ո՛վ պիտի փրկէ այդ «մազ»-ը, անյապաղ վերականգնելու համար համախոհութեան, իրարհասկացողութեան ու համերաշխութեան ուղին, եթէ ոչ… բոլորը:

3 հոկտեմբեր 2018

Քառասուն Օրեր Առաջ Մեզմէ Յաւերժ Բաժնուեցաւ Խոսրով Քիւրտեանը

0
0

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ միշտ ալ պիտի տեսնենք, որ ճակատագիրը այսպէս եղած է այն մարդուն, որ որոշած է իր ժողովուրդին մէջ ապրիլ եւ հասնիլ անոր բոլոր կարիքներուն:

Նոյնն է պարագան Խոսրով Քիւրտեանին, որ փոքր տարիքէն եղաւ ժողովուրդին մէջ` ժողովուրդին համար, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերէն մինչեւ այսօր:

Ծնած էր մուսալեռցի ընտանիքի յարկին տակ, եւ հակառակ միւսներուն նման Այնճարը սիրելուն, ապրեցաւ եւ գործեց Պուրճ Համուտի իր համեստ թաղին մէջ:

Հազիւ երիտասարդական տարիքը բոլորած, յանկարծ բռնկեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, եւ ինք արդէն պատնէշի վրայ էր` իր հօրը եւ երկու եղբայրներուն հետ: Ընտանեօք ստանձնեցին թաղամասի պահակութիւնը` այդ օրերու խմբապետ ընկ. Խաչիկ Պասմաճեանի պահակակեդրոնին մէջ: Անոնք ոչ մէկ օր հրաժարեցան այդ պարտականութենէն, այնպիսի դժուարին օրերու, երբ մեր թաղերուն մէջ քալելը նոյնիսկ անկարելի էր:

Ան ռմբակոծումներու ժամանակ նաեւ վիրաւորուեցաւ, բայց Աստուծոյ խնամատարութիւնը զինք փրկեց ստոյգ մահէն:

Երբ քիչ մը խաղաղած էր պատերազմը, Խոսրով նաեւ ինքզինք նուիրեց հայ մշակութային կեանքին եւ թատրոնի ճամբով երկար ատեն ծառայեց հայ բեմին` հանգուցեալ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանի ղեկավարած «Թատրոն 67» թատերախումբին ընդմէջէն:

Ամուսնացաւ, ունեցաւ երկու զաւակ եւ մասամբ խաղաղ պայմաններու մէջ ապրեցաւ իր ընտանիքին հետ` ճակտի քրտինքով իր օրապահիկը վաստկելով, բարեկեցիկ կեանք մը ապրելու եւ տիպար հայր մը ըլլալու ձգտումով:

Բայց երբ գործը կանչեց, առաջին արձագանգողը եղաւ եւ ընդառաջեց «Սարդարապատ» կոմիտէի բոլոր կոչերուն` տալով իր ժամանակը եւ քրտինքը:

Ան չեղաւ շարքային դաշնակցական, բայց ինչ որ իրմէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պահանջեց, կատարեց պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ:

Հիմա մենք հանգիստ խղճով կրնանք ըսել, սիրելի՛ Խոսրով` դուն լիուլի կատարեցիր քու պարտականութիւնդ եւ հաւանաբար կը ցանկայիր ժողովուրդիդ համար զոհուիլ, որովհետեւ քեզի այդպէս սորվեցուցած էր քու դաստիարակդ` ընկ. Խաչիկը, որ ինք այդ այդ ճամբան ընտրած էր եւ այդպէս ալ եղաւ ցանկութիւնդ կատարուեցաւ: Գնա՛, միացի՛ր այն բոլոր տղոց, որոնք նահատակուեցան այս թաղերու ինքնապաշտպանութեան օրերուն կամ Արցախի լեռներուն վրայ, որովհետեւ նպատակը նոյնն էր բոլորին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նպատակներուն եւ գաղափարներուն համար նահատակուիլ:

Հակառակ անոր որ դաշնակցութեան շարքերուն մէջ չեղար, բայց «Սարդարապատ» կոմիտէին եւ ընկերներուն անունով քեզի պիտի ըսենք` հանգի՛ստ ննջէ «ընկեր» Խոսրով, քու գործդ շարունակողները պիտի գան եւ մեր ժողովուրդը շնորհիւ անոնց պիտի շարունակէ իր հանգիստ կեանքը:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

ՀՅԴ «ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ» ԿՈՄԻՏԷ

 

Ցոլեր Վարդանեանին Յիշատակին

0
0

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Ցոլեր Վարդանեան

Երբ անզօր ենք ճակատագիրին կողմէ մեր առջեւ նետուած մարտահրաւէրներուն դիմաց, կ՛ապաւինինք Ամենակալին: Ան մեզի ցոյց կու տայ ճամբաներ, միջոցներ, կերպեր` դիմագրաւելու մեր դժուարութիւնները: Ես կը հաւատամ, որ Ցոլերն ալ Աստուծմէ մեզի ղրկուած պարգեւ մըն էր, որպէսզի Ցոլերին նայելով` փափուկնան մեր սրտերը, զօրանայ մեր  հաւատքը եւ սիրենք կեանքը:

Տխրութեան եւ զայրոյթի խառնուրդ է, որ կ՛ապրիմ Ցոլերի ճակատագիրին հանդէպ, բայց նաեւ սէր ու հաւատք` այս կեանքին: Ցոլերին ծանօթացայ ԼԵՄ-ի շարքերուն մէջ: Ժպտադէմ, թեթեւ հոգիով եւ աշխուժ երիտասարդուհի էր: Նոր անցած էի թէ՛ ԼԵՄ-ի շարքերը եւ թէ՛ մասնաճիւղը, երբ Ցոլերին ընկերային վերաբերմունքը ինծի տուաւ ինքնավստահութիւնը` շաղուելու նոր միջավայրիս մէջ: Նախապաշարումներ եւ կանխադատումներ չունէր ընկերներու հանդէպ: Բոլորին կը մօտենար նոյն եռանդով, եւ իր աչքերուն մէջ կ՛արտացոլար արդէն իր անկեղծ մօտեցումը: Կը փայլէին անոր աչքերը, մանաւանդ երբ պատի թերթի յանձնախումբին մէջ աշխատէր ու իր գծագրութեան ձիրքերը ի գործ դնէր աշխատանքի յաջողութեան մէջ: Յանձնախումբի ժողովներուն ընթացքին, երբ անհամաձայնութիւններ կը ծագէին ու վերջ չէին ունենար, յաճախ սրամիտ կատակներով կը կանխէր վիճաբանութիւնները եւ, գրիչը առնելով, խաւաքարտին վրայ գործի կը լծուէր` միշտ յիշեցնելով, որ երկար ժողովները ժամանակի կորուստ էին: Կը զզուէր երկար ժողովներէն, կը նախընտրէր շարժիլ ու գործ արտադրել, քան` նստիլ ու խօսիլ:

Ճիշդ էր, որ Ցոլերին օրուան մեծամասնութիւնը ակումբի գործունէութեան մէջ կ՛անցնէր, բայց շատ ալ կառչած էր իր ընտանիքին` ծնողքին եւ եղբօրը: Ատոր համար Ցոլերը մեզ միշտ իր տունը կը հրաւիրէր: Ցոլերին համար երջանկութիւն էր իր տան մէջ իր ընկերներուն ներկայութիւնը: Բնաւ չէի հանդիպած Ցոլերին պէս հիւրասէր եւ կեանքը սիրող երիտասարդուհիի մը: Նոյնիսկ երբ առողջութիւնը աստիճանաբար սկսաւ դաւաճանել, որեւէ օր ան չդադրեցաւ մեզ իր մօտ հրաւիրելէ: Միշտ կ՛ուզէր շրջապատուած ըլլալ իր ընկերներով: Կեանքին կառչած էր բառին բուն իմաստով:

Բժշկական սխալ բուժումի մը պատճառով Ցոլերը սկսած էր կորսնցնել իր շարժումներն ու խօսելու կարողութիւնը, ատով հանդերձ, ան ոչ մէկ օր գանգատեցաւ, բողոքեց կամ յուսահատեցաւ, ընդհակառակը, լուռ էր իր ցաւերուն մէջ: Նոյնիսկ իր փայլուն աչքերէն արցունքը անձայն կը գլորուէր, որովհետեւ Ցոլերը չէր ուզեր տեսնել իր սիրելիներուն տրտմութիւնը, մանաւանդ` իր մօր, հօր եւ եղբօր, որոնց անձնուէր հոգատարութեան եւ ծով համբերութեան համար միշտ շնորհակալ էր եւ այդ մէկը կ՛արտայայտուէր ժպիտը դէմքին եւ կոպերը քիչ մը աւելի երկար գոցելով:

Օր մըն ալ Ցոլերը իր կոպերը առյաւէտ փակեց, դարձեալ առանց գանգատի, բայց` շնորհակալութեամբ: Ու թէեւ հրեշտակի նման կեանք մը ունեցաւ ան, որուն վերջին տասնամեակը իր առողջութեան տապալումով անցուց, ու թէեւ իր առողջութեան համար իր պայքարը, դժուարութիւններու մէջ իսկ կեանքին հանդէպ սէր ունենալը ինծի շատ բան սորվեցուցին, ու ես հասկցայ, որ ան չի կրնար ըլլալ ուրիշ բան, քան` աստուածատուր նուէր, բայց եւ այնպէս տակաւին չեմ կրնար չդառնանալ կեանքին հանդէպ: Բայց եթէ մէկ բանով կրնանք յաղթահարել ճակատագիրը, այդ ալ այն մխիթարութիւնն է, որ Ցոլերը այլեւս չի ցաւիր եւ երկինքի արքայութեան մէջ կը վայելէ իսկական երջանկութիւնը, որուն արժանի է ան:

 

 

Արժանաւոր Ընկերուհի Օրդ. Ալիս Գաթրճեանի Յիշատակին

0
0

Սուրիահայ տարեգրութեան մէջ անպայմանօրէն պիտի արձանագրուի անունը օրդ. Ալիս Գաթրճեանին, որ եղաւ աշխուժ ներկայութիւն ՍՕ Խաչի, Ազգ. Զաւարեան եւ Ազգ. Սահակեան վարժարաններու, ապա Քարէն Եփփէ Ազգ. ճեմարանին մէջ:

Սիրելի՛ ընկերուհի,

Շիջումդ ընտանեկան պարագաներդ եւ ճեմարանի մեծ ընտանիքը սուգի մատնեց: Սուգի մէջ է նաեւ Սուրիահայ օգնութեան խաչը, որովհետեւ ամբողջ էութեամբդ եղար միութեան ողնաշարը, միութենական արժէքներով, անբասիր էութեամբ ու հայկական մտածողութեամբ: Եղար սերունդներու դաստիարակ ու հայ լեզուի հանդէպ ունեցած սէրդ ու գուրգուրանքդ արտայայտեցիր երիտասարդ օրերէդ սկսեալ:

Չբաւարարուեցար կրթական մարզին նուիրուելով, այլ մասնակցութիւն բերիր ՍՕ Խաչի կազմակերպական կառոյցին` անդամագրուելով Նոր Գիւղի մասնաճիւղին:

Մասնակցեցար ՍՕ Խաչի անդամական ընդհանուր ժողովներուն, Շրջ. պատգամաւորական, ապա Համահայկական պատգամաւորական ժողովներուն` ըլլալով միշտ համեստ, միշտ պարկեշտ, օրէնքի պաշտպան, բծախնդիր ու ճշդապահ:

Մեծ ներդրում ունեցար Նոր Գիւղի դարմանատունէն եւ արծուեբոյնին մէջ: Գուրգուրոտ պահակը դարձար մասնաճիւղիդ գրադարանին եւ նուիրումի օրինակը` արծուիկ խմբապետներուն, որոնք հպարտօրէն քու գլխաւորութեամբդ կը կատարէին «Այցի օր»-ուան հանգանակութիւնը, ինչպէս նաեւ Ս. Ծննդեան  եւ Ս. Յարութեան տօներու բացիկներու բաշխումը` իրենց վիզերէն կախուած Կարմիր խաչի տուփերով:

60 տարի շարունակ ներկայութիւն եղար մասնաճիւղէդ ներս: Մեծ ներդրում ունեցար ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնի շինութեան ու ապա աշխատանքներու կազմաւորման մէջ:

1983-ին ՍՕ Խաչի անունով մասնակցեցար ՀՕՄ-ի Համահայկական պատգամաւորական ժողովին, Փարիզ, ընկերակցութեամբ երկու այլ ընկերուհիներու:

1960 – 1962 տարեշրջաններուն եղար Նոր Գիւղի մասնաճիւղի վարչական, ապա` արծուիկ խորհուրդ:

1967-ին դարձեալ կը հանդիպինք անունիդ` նոյն կազմերուն մէջ:

1971-ին եղար ՍՕ Խաչի Շրջ. վարչութեան անդամ եւ ստանձնեցիր արծուեբոյնի պատասխանատուութիւնը` դարմանատան կողքին:

1983-ին Շրջ. պատգամաւորական ժողովին կողմէ դարձեալ ընտրուեցար Շրջ. վարչութեան անդամ` կատարելով կազմակերպչական եւ ներքին դաստիարակչական աշխատանքներ:

1990-ին արժանացար ՍՕ Խաչի «Կանթեղ» բարձրագոյն շքանշանին:

1995-ին, առ ի գնահատանք բազմամեայ կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական ծառայութիւններուդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուեցար «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

1998-ին ներկայ գտնուեցար Սօսէ Մայրիկի աճիւններու Եգիպտոսէն Հայաստանի Եռաբլուրի պանթէոն փոխադրութեան:

Սիրելի՛ ընկերուհի,

Սուրիահայ պատմութեան մէջ հին սերունդի պատկառելի նահապետներէն, դասընկերոջդ` ընկ. Երուանդ Փամպուքեանին հետ, տակաւին մօտիկ անցեալին կատարուած հարցազրոյցին, ֆիզիքապէս առողջ էիր, իսկ յիշողութիւնդ` անվթար: Այդ օրերուն լաւատես ու անընկճելի մարդու մը տպաւորութիւնը ձգեցիր բոլորին վրայ, քանի որ վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնած օրերէդ ի վեր անթերի կերպով գործող, սկզբունքի տիպար ներկայացուցիչ մըն էիր:

Որքան բծախնդիր էիր մաքուր կենցաղի մը պարտադրած կանոններու կիրարկումին, նոյնքան անզիջող էիր  համոզումներուդ մէջ: Յամառօրէն կը պաշտպանէիր մեր աւանդութիւնները եւ կը պայքարէիր պատեհապաշտութիւններու դէմ:

Ջինջ զգացումներով տոգորուած անձնաւորութիւն մըն էիր, որ իր ապրած տարիներու մեծագոյն մասը յատկացուցած էր կրթական գործին` դառնալով հայերէնի բազմերախտ ուսուցչուհի:

Համեստ ու շնորհալի անձ մըն էիր, տոհմային առաքինութիւններով լեցուն: Քու օրերուդ ուսուցչական ասպարէզը աւելի դժուար էր ու ապերախտ, զուրկ` նիւթական գոհացումէ ու բաւարարութենէ, բայց ի՜նչ փոյթ® շարունակեցիր դասաւանդել ու յաւերժացնել անունդ:

Եթէ նկարագրենք կեանքդ, պիտի ըսենք. կեանք մը ամբողջ նուիրում` քեզի համար եւ մարդկային ընկերութեան համար:

Սիրելի՛ ընկերուհի Ալիս,

Բաւական երկար ժամանակ գործ տարիր մեր բոլորին հետ: Այդ երկար ճամբու ընթացքին առաջնորդեցիր, ղեկավարեցիր, քաջալերեցիր, սերունդներ դաստիարակեցիր եւ մեր մէջ դրոշմեցիր սէր` ծառայութեան նկատմամբ,  նշանաբան ունենալով հայակերտում եւ մարդուժի պատրաստութիւնը:

Հիւանդութեանդ դաժան օրերուն, բարի ժպիտդ դէմքիդ, ուրախութեամբ ընդունեցիր խաչուհիներու այցելութիւնները: Յաղթահարեցիր բազմաթիւ դժուարութիւններ, սակայն ներշնչեցիր մեզ ու սորվեցուցիր անշահախնդրօրէն մօտենալ ազգային գործերուն:

Իւրայատուկ կերպար մըն էիր. օրինակդ ամէնօրեայ ներկայութիւն պիտի ըլլայ քեզ ճանչցող կրթական մշակներուն եւ խաչուհիներուն սրտին մէջ:

Յանուն ՍՕ Խաչի մեծ ընտանիքին` կը խոնարհինք քու վաստակիդ ու յիշատակիդ առջեւ: Բի՜ւր յարգանք քեզի: Երախտապարտ ենք: Մեզի համար կը մնաս մե՛ծ, նոյնիսկ` շիրիմիդ անշունչ լռութեան մէջ:

ՍՕ Խաչի կամաւոր ընկերուհիներս հոծ թիւով պիտի շարունակենք մեր գործը, միշտ պիտի յիշենք քեզ, փորձառութեամբդ իմաստաւորուած, երկարատեւ աշխատանքովդ հարստացած արթո՛ւն պահակ, որ եղար պաշտօնով ղեկավար, սակայն ծառայ` հաւաքական աշխատանքին:

Յարգա՛նք քու վաստակիդ,

Յարգա՛նք քու յիշատակիդ:

ՍՕ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

2 սեպտեմբեր 2018

Ազգասէր, Արեւմտահայերէնի Պահապան, Մեծ Դաստիարակ, ՍՕ Խաչի Նահապետուհին` Օրդ. Ալիս Գաթրճեանը

0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Վերջին հրաժեշտով քառասուն օր առաջ հողին յանձնուեցաւ մարմինը օրդ. Ալիս Գաթրճեանին, որուն համար անհրաժեշտը իր սիրած ու պատկանած ԸՆՏԱՆԻՔ-ին համար զոհաբերուիլն էր: Ընտանիք երբ կ՛ըսենք, բնականաբար իմ մտքիս մէջ կը պատկերուի մեր ընտանիքէն զատ այլ ընտանիքներ ալ: Ինչպէս ըսի, նախ Գաթրճեան ընտանիքն էր, երկրորդը` Սուրիահայ օգնութեան խաչը, երրորդը` Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը: Անշուշտ պէտք է նշենք նաեւ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրատունն ու «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ը:

Ան տարիներ շարունակ այս ընտանիքներուն համար տուաւ այն, ինչ որ կրնար տալ` մարդասիրութիւն, ազգասիրութիւն, ծառայասիրութիւն, գուրգուրանք, կրթութիւն, արեւմտահայերէնի տէր դառնալ ու, տակաւին,  շարքը կ՛երկարի: Այդ պատճառով ալ վերոնշեալ ընտանիքներուն մաս կազմող անդամները մինչեւ օրս իրենց յուշերը կը պատմեն իրարու կամ թուղթին կը յանձնեն: Ակնածանքով կը խօսին խաչուհի, ուսուցչուհի եւ անփոխարինելի հայերէնի սրբագրիչ օրդ. Ալիսի մասին: Ժողովներու ընթացքին երբ կը խախտեն օրէնք մը,  անմիջապէս կը յիշեն զինք, հայերէն խօսելու կամ գրելու պահուն նոյնպէս զինք կը յիշեն, իր թելադրանքները, քանի որ օրդ. Ալիսին համար անընդունելի էր արեւմտահայերէնը աղաւաղել: Անընդունելի էր նաեւ անձնական շահերու համար խախտել եւ կամ մէկդի դնել միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կանոնագիրները:

Այսօր մեր յիշողութեան մէջ վստահաբար կը պատկերուի գթասիրտ, ազգանուէր, խստապահանջ, արեւմտահայերէնի պահապան, մնայուն փոքր ժպիտով, հայ կնոջ ամրակուռ հաւատքով, երիտասարդական ուժերու միշտ հաւատացող, սակաւախօս, զօրաւոր անհատականութեան տէր անձնաւորութիւն մը, որ կեանքի թոհուբոհին մէջ չշփոթեցաւ, այլ մնաց միշտ հեզ ու բարի, պարկեշտ, ուղղամիտ, ազգին ծառայող նուիրեալ մը: Իւրաքանչիւր անհատ, որ զինք կը ճանչնայ, անպայման այս խօսքերս պիտի հաստատէ:

Այստեղ յուշերով եւ յիշատակներով չեմ ուզեր ողողել, որովհետեւ անոր հետ մեր յիշատակները եւ զրոյցները շատ են, հատորներու կը սեղմուի: Վերը նշուած իր նկարագրային գիծերէն իբրեւ օրինակ մը այստեղ կ՛արձանագրեմ, որուն մէջ կ՛արտացոլան բնաւորութեան քանի մը գիծեր  միատեղ:

Պատանի տարիքիս գրելու առաջին փորձերս կը կատարէի, մեծ խանդավառութեամբ եւ գոհունակութեամբ ուզեցի հօրաքրոջս, ինչպէս նաեւ իմ ուսուցչուհիս եղած օրդ. Ալիսին ներկայացնել յօդուածս եւ` քանի մը երգերու բառերս: Թուղթերը առանց  ձեռքը առնելու` կտրականապէս ըսաւ` «Նախ գիրք պէտք է կարդաս», մինչ ինք շատ լաւ տեղեակ էր, որ արդէն կը կարդայի: Բայց աւելին պահանջեց: Միւս հօրաքոյրս իրմէ խնդրեց, որ զիս քաջալերեր: Չէ՞ որ ուրիշներու հօրաքոյրները, մօրաքոյրները եւ այլ հարազատները զանազան ձեւերով կ՛օգնէին իրենց փոքր ազգականներուն: Այդ օրէն ի վեր ոչ մէկ ատեն յօդուածներս կամ երգերու բառերս ինձմէ առնելով` կարդացած էր, այլ մամուլէն, երգչախումբերէն, ձայներիզներէն, եւ կամ գիրքերս մակագրելէս ետք երբ յանձնէի իրեն,  այն ատեն կը կարդար: Անոր քաջալերական խօսքերը, եռանդը, հպարտութիւնը եւ խրախուսիչ խօսքերը կը ստանայի միջնորդներու կողմէ միայն,  թաքուն ձեւով: Այսպէս էր հօրաքրոջս բնաւորութիւնը: Անցեալի մեծերը` բոլորն ալ մեծաւ մասամբ այս նկարագրի տէր անձեր էին:

Յաջորդ օրինակը, բնականաբար արեւմտահայերէնի պահապան ու յատկապէս «Գանձասար» շաբաթաթերթի իբրեւ սրբագրիչ իր գործունէութիւնը ծաւալած էր խմբագրատունէն ներս եւ բնակարանը: Ան առաջարկ ստացած էր քանի մը ամսուան համար աշխատելու, սակայն գործեց այդ երդիքին տակ շուրջ 8 տարի: Յաճախ ուշ ժամերուն խմբագրատուն կը մնար, երբեմն ալ սրբագրելիք թղթածրարը շալկած` տուն կը բերէր: Կարմիր գրիչը ձեռքին` կը սրբագրէր դիմացը դրուած թուղթերը, առանց հաշիւը ընելու յօդուածագրին, ոչ ալ նոյնիսկ եթէ մամուլի այլ աղբիւրէ մը սրբագրուած, արտատպուած ըլլար: Անպայման պիտի սրբագրէր: Խմբագրատունէն ներս սրբագրած ընթացքին հայերէն ճիշդ չխօսողն անգամ կը սրբագրէր: Յաճախ տան մէջ իրեն հետ կը վիճաբանէի այն մտավախութեամբ, որ խմբագրատունէն ներս տղաքն ու աղջիկները կրնան նեղանալ իրմէ: Անմիջապէս կը պատասխանէր` ըսելով, որ` «Ո՛չ, չեն նեղանար: Ոչ մէկը իրաւունք ունի աղաւաղելու արեւմտահայերէնը»:

Քանի մը խօսք` իր կենսագրութեան եւ բեղուն գործունէութեան մասին:

Օրդ. Ալիս Գաթրճեանը ծնած է Հալէպ, 1933 թուականի Կաղանդի գիշերը, այնթապցի բազմանդամ ընտանիքի վերջընթեր զաւակն ու պարգեւը ըլլալով:

Նախակրթութիւնը ստացած է Զաւարեան (օրին ազգային չէր, հետագային` Ազգ. Զաւարեան) վարժարանէն ներս (մանկապարտէզ եւ նախակրթարան):

1948 թուականին վեց տարի յաճախած է Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը` միշտ գրաւելով դասարանի առաջին դիրքերը: Ճեմարանի վերջին երկու տարիներուն անցած է գիտական ճիւղ եւ մասնակցած` ֆրանսական պաքալորէայի քննութեանց, ու փայլուն նիշերով աւարտած է:

1955 թուականին յաճախած է ֆրանսական «Միսիոն լայիք» լիսէն` հետեւելով թուաբանութեան ճիւղին:

Այնուհետեւ ան ընտրած է ուսուցչական ասպարէզը.

ա.- Երեք տարի պաշտօնավարած է Զաւարեան վարժարանին մէջ` դասաւանդելով հայերէն, թուաբանութիւն, ֆրանսերէն եւ գիտութիւն նիւթերը:

բ.- 1959-1969 տարիներուն պաշտօնավարած է Ազգ. Սահակեան վարժարանին մէջ` դասաւանդելով հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ թուաբանութիւն նիւթերը:

գ.- Ուսուցչական ասպարէզին մէջ իր ունեցած բծախնդրութիւնը եւ կարողութիւնը նկատի առնելով` 1969 թուականին Բերիոյ թեմի Ազգային իշխանութեան խնդրանքով կը հրաւիրուի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարան` պաշտօնավարելու: Ճեմարանի մէջ կը դասաւանդէ հայերէն, կրօն, հայոց պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն նիւթերը: Վերջին երկու նիւթերուն գիրքերու հեղինակը օրդ. Գաթրճեան ինք եղած է:

Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին մէջ պաշտօնավարած է 30  տարի` 1969-1999: Օրդ. Ալիս Գաթրճեանը 1955-1999 թուականներուն` ամբողջ 45 տարի ունեցած է ուսուցչական բեղուն ծառայութիւն:

Միութենական Գործունէութիւն

Օրդ. Ալիս Գաթրճեանին միութենական կեանքը նոյնպէս եղած է բազմազան եւ աշխուժ:

Ան նախ 1947 թուականին մաս կազմած է ՍՕ Խաչի արծուիկներու շարքերուն, տարի մը ետք արդէն ստանձնած է պաշտօններ:

1958 թուականին արծուիկութեան շարքէն փոխանցուած է ՍՕ Խաչի շարքերը:

– Եղած է` հայահոծ Նոր Գիւղ շրջանի ՍՕ Խաչի մասնաճիւղի վարչական,

– ՍՕ Խաչի դարմանատան ներկայացուցիչ,

– Աւելի քան 30 տարի, ընդմիջումներով, ՍՕ Խաչի Շրջանային վարչութեան անդամ, ստանձնած է ատենադպրութեան եւ ատենապետի պաշտօնները:

Այդ տարիներուն, որ մաս չէ կազմած Շրջանային վարչութեան, Շրջ. վարչութեան հրաւէրով ստանձնած է շրջանայինին կապուած առողջապահական, կրթական, դաստիարակչական եւ այլ յանձնախումբերու ատենապետի պաշտօնները:

Հոկտեմբեր 1983 թուականին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ մասնակցած է ՀՕՄ-ի Համահայկական պատգամաւորական ժողովին:

2004-2011 թուականներուն «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր սրբագրիչը եղած է:

Հալէպահայ ուսանողական միութեան անդամ էր:

1980-ական թուականներուն անդամագրուած է Համազգայինին` մաս կազմելով գրական յանձնախումբին:

Բերիոյ թեմի Ուսումնական խորհուրդին հրաւէրով բազմաթիւ անգամ հրաւիրուած է կրթական շատ մը նախաձեռնութիւններու իրագործման:

«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի հայ վարժարաններու սննդակարօտ փոքրիկներու եւ կարօտեալ տարեցներու խնամատարական յանձնախումբերու ատենապետի պաշտօն վարած է:

Այստեղ տեղին է նշել, որ օրդ. Ալիս Գաթրճեանը վերոնշեալ դպրոցական եւ միութենական երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին քարտուղարական, գրական եւ այլ դաստիարակչական բնոյթ կրող աշխատանքներուն մէջ երեւելի եւ աներեւելի ստորագրութիւնը կայ:

Միւս կողմէ` մասնակցած է ՍՕ Խաչի անդամական ընդհանուր ժողովներուն, Շրջ. պատգամաւորական, ապա Համահայկական պատգամաւորական ժողովներուն` ըլլալով միշտ համեստ, միշտ պարկեշտ, օրէնքի պաշտպան, բծախնդիր ու ճշդապահ:

Իբրեւ երիցագոյն խաչուհի` յարգուած էր. յաճախ ՍՕ Խաչի մարմիններն ու շրջանային վարչութիւնները, օգտուելով իր բազմավաստակ գործունէութենէն ու փորձառութենէն, զինք հրաւիրած են ժողովներու, որպէսզի իր ազգային շունչովն ու շինիչ առաջարկներով հարստանային ժողովները, որպէսզի իր ներկայութեամբ փոխանցուէր միութեան գործունէութեան անսպառ ջահը: Անշուշտ այս բոլորը փոխադարձ յարգանքի եւ համակրանքի առարկայ էր: ՍՕ Խաչի 38-րդ Շրջ. պատգամաւորական ժողովը, որ գումարուեցաւ 26-27 հոկտեմբեր 2017-ին, վերջին պատգամաւորական ժողովն էր, որուն հրաւիրուած էր:

Տասնեակ տարիներու իր ազգանուէր ու կամաւոր ծառայութեան ընթացքին մասնակցութիւն բերած է նաեւ զանազան միութիւններու հրաւէրներուն` զրոյցով, ատենամարզանքով, դասախօսութեամբ եւ բանախօսութեամբ` շրջելով Սուրիոյ հայկական համայնքները:

Պարգեւատրումներ

– 1990 թուականին ՍՕ Խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ ՍՕ Խաչին մէջ 25 եւ աւելի տարիներու ծառայութեան համար արժանացած է «Կանթեղ» շքանշանին:

– 1994 թուականին Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան կողմէ 25 տարուան ուսուցչական ծառայութեան համար արժանացած է ոսկիէ մետալի:

– Ուսուցչական ասպարէզէն ներս երկար տարիներու ծառայութեան համար 1995 թուականին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Արամ Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ կը պարգեւատրուի «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

– 2011 թուականին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ օգնութեան խաչէն ներս 50 եւ աւելի տարիներու ծառայութեան համար կ՛արժանանայ գնահատագրի:

Հուսկ,

Օրդ. Ալիս Գաթրճեանի նկարագրային ընդգծուած գիծերէն եղաւ ազգային գիծը ու մայրենի լեզուին հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնն ու սէրը: Այդ մեկնակէտէն ելլելով` ուսուցանելու եւ դաստիարակելու կարողութիւնը զօրաւոր եղաւ անոր մէջ: Ուսուցչութեան կոչումը զինք առաջնորդած է դէպի կրթական կեանք` նուիրուելու համար սերունդներու դաստիարակութեան սրբազան գործին: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին` ան կը յիշէր բոլոր աշակերտները: Հաւանաբար այս էր ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ կոչումը:

Այսպէս, օրդ. Ալիս Գաթրճեանը աւելի քան 45 տարի շարունակ ծառայեց հայոց լեզուին, յատկապէս` արեւմտահայերէնի պահպանման ու տարածման Սուրբ գործին, ան եղաւ անկրկնելի սրբագրիչ:

Շա՛տ սիրելի հօրաքոյրս Ալիս,

Հոգիդ ամենայն հանգստութեամբ հանգիստ ձեւով թող սաւառնի, որովհետեւ հոգիդ հարստացած հեռացար այս աշխարհէն, եւ քու բնաւորութեանդ ու գործունէութեանդ մասին կը վկայեն ՍՕԽ-ի անդամուհիներն ու սաներդ:

Վա՛րձքդ կատար, ակնածանքով եւ երախտագիտութեամբ պիտի յիշենք քեզ, հանգիստ ու խաղաղ ննջէ, հողը թեթեւ ըլլայ վրադ:

Խունկ ու մոմ` անթառամ յիշատակիդ:

«ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ»:

 

 

 

 

 

 

 


«Նիւ Եորք Թայմզ»-ը Կ՛անդրադառնայ Հայկական Զիլճեան Ընտանիքին Եւ Համանուն Ապրանքանիշին Պատմութեան

0
0

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ը «Ընտանիքի 400-ամեայ երաժշտական գործիքը կը շարունակէ ճիշդ հնչողութիւնը» խորագիրով լայնածաւալ յօդուածին մէջ կ՛անդրադառնայ հանրայայտ Զիլճեան ընտանիքին եւ անոնց կողմէ տարիներէ ի վեր արտադրուող «Զիլճեան» ապրանքանիշի ծնծղաներու պատմութեան:

«Կրնաս ունենալ աշխարհի լաւագոյն ներդաշնակութիւնը, սակայն միայն ծնծղաներն են, որոնք կրնան քեզ դէպի գագաթ բարձրացնել», ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս գործիքին մասին կը խօսի յայտնի թմբկահար Պրայըն Պլէյտը, որ երկար տարիներ կ՛օգտուի «Զիլճեան» ծնծղաներէն:

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի յօդուածը կը պատմէ, որ «Զիլճեան»-ը Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսած է արտադրուելու 1929-ին: Սակայն ընկերութեան պատմութիւնը աւելի հին է` շուրջ 400 տարուան պատմութիւն ունի: Անոր պատմութիւնը կը սկսի 1618-էն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ:

Ծնծղաներու պատրաստութեան գործը կը սկսի Աւետիս Զիլճեանը, որ քիմիական փորձեր կատարելով` կը փորձէր ոսկի ստանալ, սակայն ի վերջոյ պղինձի, արծաթի եւ անագի խառնուրդէն ան կը յաջողի ստանալ նիւթ մը, որ բարձր եւ յստակ հնչողութիւն ունէր:

Օսման Բ. սուլթանը հաւնելով երիտասարդ հայ արուեստագէտին աշխատանքը` անոր ոչ միայն կը թոյլատրէ պատրաստել գործիքներ օսմանեան արքունիքին համար, այլ նաեւ Աւետիսին կու տայ Զիլճեան մականունը: Ընտանիքը խանութ կը բանայ Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ, կը համագործակցի յունական ու հայկական եկեղեցիներու, սուֆի տերվիշներու եւ սուլթանի հարեմին հետ:

«Զիլճեան» ապրանքանիշի առաջին ծնծղաները 1851-ին յատուկ նաւով մը կը տեղափոխուին Լոնտոն` ցուցադրուելու համաշխարհային տօնավաճառին:

20-րդ դարու սկիզբը ընկերութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը ղեկավարէր Արամ Զիլճեանը, որ կ՛առաջարկէ Միացեալ Նահանգներ բնակող իր զարմիկին` Աւետիսին, ղեկավարել ընկերութիւնը: Աւետիսը, որ Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած էր նախքան Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը համաձայնի` տեսնելով երկրին մէջ այդ երաժշտական գործիքին հանդէպ աճող հետաքրքրութիւնը:

Այժմ ընկերութիւնը կը գործէ Մասաչուսեց նահանգին մէջ: «Այսօր իւրաքանչիւր գործիք կը շարունակէ անցնիլ բարձր որակաւորում ունեցող տասնեակ մը աշխատակիցներու ձեռքերէն, որոնք կը ստուգեն, որ «թուղթի բարակութիւն» ունեցող ծնծղաները ունենան անհրաժեշտ երաժշտական ձայնածաւալը (diapason)», կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը` աւելցնելով, որ գործիքներէն իւրաքանչիւրը ունի իւրայատուկ եւ անկրկնելի ձայն:

Համազգային Մշակութային Միութեան 90-ամեակի Առիթով

0
0

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ

Եթէ աշխարհում կայ մէկը, որ չի հաւատում իմ ժողովրդի հազարամեայ մշակութային պատմութեանը եւ մեր կապուածութիւնը` մշակոյթին, առնուազն թող թերթի այս տարուայ օրացոյցը: Իրարայաջորդ տարեդարձներ` Մխիթարեան` միաբանութեան 300-ամեակ, 150-ամեակներ` Յ. Թումանեանի, Հ. Քաջազնունու, 110-ամեակներ` Ու. Սարոյեանի, «Ասպարէզ» թերթի, մեր հանրապետութեան 100-ամեակ, Համազգային կրթական հաստատութեան 90-ամեակ եւ այսպէս շարունակ:

Սովորաբար հեռու եմ ազգային սնապարծութիւնից, իմ ազգի հարուստ պատմութիւնը, նրա անգնահատելի առաւելութիւններն ընդունում եմ որպէս իմ էութեան մասնիկ, այն կրում եմ իմ մէջ` առանց ամպագոռգոռ բառերով մեծարելու, առանց բարձրաձայնելու:

Սակայն չեմ կարող անտարբեր անցնել, իմ վերաբերմունքը եւ հպարտութիւնը չարտայայտել կատարուած այն մեծ ու փառահեղ աշխատանքի հանդէպ, որը տարել է իմ ժողովուրդը իր ամենաանհեռանկար տարիներին, տեսնելով դրա մէջ ոչ թէ իր անմիջական, այլ գալիք սերունդների ապագան:

Բնականաբար մեծ տեսահորիզոնով օժտուած անձերի մտայղացումով եւ ջանքերով է սկիզբ դրուել մի գործի, մի հաստատութեան, որը սփռուել է աշխարհով մէկ, անկանգառ գործել 90 տարիներ, հաստատել իր համազգային կոչումը, 64 տարի յետոյ հասել եւ իրեն պարտադրել է մինչեւ իսկ հայրենիքում:

Մեր առաջին անկախութեան տապալումից յետոյ, հայրենի երկրից վտարանդի հայ քաղաքական գործիչներն ու մտաւորականները ձեռնածալ չնստեցին իրենց ապաստանած օտար երկրներում:

Հիմնականում Միջին Արեւելքի երկրներում կենտրոնացած Եղեռնից մազապուրծ հայութիւնը, որը փորձում էր մի կերպ ոտքի կանգնել, իր գոյութիւնը պահել, կարողացաւ նաեւ օտարութեան համատարած իշխանութեան տակ լծուել հայապահպանման աներեւակայելի դժուար գործին, անշուշտ` որպէս առաջնորդ ունենալով փայլուն մտաւորականների եւ մեր առաջին անկախութեան պետական քաղաքական ազգասէր գործիչների:

Լուսամիտ մտածողների ձգտումը սովորաբար առօրեայ կեանքից վեր է լինում, նրանք տեսնում են այն, որը սովորական մտածողի համար աներեւակայելի է, որով եւ միշտ տարբերւում են նրանցից: Նրանց համար մտային եւ հոգեկան սնունդն է առաջնայինը եւ մեր ժողովրդին, յատկապէս երկու մեծ հարուածներից յետոյ` Ցեղասպանութիւն եւ անկախութեան կորուստ, անհրաժեշտ էր մտային վերելք, անհրաժեշտ էր օտար ափերում հայութեան բոլոր նուաճումները ետ կեանքի կոչել, ապրեցնել եւ ստիպել ապրել, սերունդ աճեցնել մտային, ազգային հարստութիւններով: Հայրենի հողի բացակայութիւնը անհրաժեշտ էր լրացնել հայեցի կրթութեամբ, հայրենի հողին կապելու ազգային զգացումների մշակմամբ:

Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքում հաստատուած մեր երկու քաղաքական գործիչ մտաւորականները` գրող, թատերագիր Լ. Շանթը եւ գրաքննադատ Ն. Աղբալեանը, որոնք տնօրինում էին տեղւոյն Պօղոսեան վարժարանը, մտածում էին աւելի բարձր մակարդակի հասցնել հայ դպրոցը: Ձգտում էին միջնակարգ դպրոց ստեղծել` աշակերտութեանը գոնէ լիարժէք հայեցի իմացութիւն ապահովելու: Նիւթական սուղ պայմանները զանց առնելով, իրենց շուրջ հաւաքելով իրենց մտածումի մակարդակի մի խումբ այլ մտաւորականների` դերասան-բեմադրիչ Գ. Իփէկէանի, քաղաքական գործիչ Վ. Նաւասարդեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Հ. Օհանջանեանի եւ այլոց, համատարած անորոշութեան մէջ, Գահիրէում հիմնում են «Հայ կրթական եւ հրատարակչական ընկերութիւն», որի հիմնական խնդիրն էր օտար երկրներում հայի կրթական մակարդակը հայ լեզուով, հայ ոգով զարգացնելը:

Հարկ կա՞յ ներկայացնելու, թէ ի՛նչ դժուար, անապահով, անհեռանկար պայմանների մէջ էին գտնւում հայ գաղութներն այդ շրջանում: Ամէն ինչ կորցրած, իր վտիտ մարմինը միայն փրկած, մեծամասամբ դեռ թրքախօս, վհատութեան մէջ մխրճուած հայութեան միակ ձգտումը մի կերպ օտար երկինքների տակ իր եկեղեցուով գոյատեւելն էր: Սակայն հայրենի երկրի առաջին պետականութիւնը հաստատած ու այն կորցրած քաղաքական գործիչների համար դա բաւարար չէր: Ամենակարճ ժամանակում նրանք մասնակից էին եղել ոչնչութիւնից պետական բարձրագոյն հաստատութիւններ ստեղծելու գործին եւ գիտէին դրա ազդեցութիւնը ազգի մտածողութեան մշակման վրայ: Պէտք էր գալիք սերունդներին օտարութեան մէջ տէր կանգնել, կրթել, պատրաստել նրանց հայրենի գալիք անկախութեան համար, որը պահանջում էր լիարժէք հայեցի կրթութիւն բարձրագոյն մակարդակով:

Անշուշտ այս ամէնն արւում էր ՀՅԴ հովանաւորութեամբ, նրա անմիջական մասնակցութեամբ: Մեր անհանգիստ մտածողները իրենց գաղափարները տարբեր գաղութներում տարածելով` անսպասելիօրէն հասնում են համազգային մի այնպիսի արդիւնքի, որի գործունէութիւնը շատ արագ տարածուել է աշխարհի տարբեր երկրներում ու ձգւում է մինչեւ օրս:

Ամենակարճ ժամանակում` 1928 թուականին յղացած իրենց ծրագիրը, իրականանում է 1930 թուականին` Պէյրութում Հայ Ճեմարան հիմնելով: Համազգայինի գործունէութիւնն էլ հիմնադիրների հետ փոխադրւում է Պէյրութ` տեղի պետութեան կողմից պաշտօնապէս ընդունուելով որպէս «Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային ընկերակցութիւն»:

Այդ Ճեմարանը ազգային լուսամիտ մի բարերարի անունով կոչւում է «Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան», որն իրապէս դառնում է ո՛չ միայն գիտութեան կաճառ, այլ` ազգային ոգին յղկող, հարստացնող հաստատութիւն: Ճեմարանը իր մանկապարտէզով, գիշերօթիկով տնօրինում ու դասաւանդում են մեր առաջին անկախութեան պետական գործիչները, սկսած` Ս. Վրացեանից, Ն. Աղբալեանից, օտար երկրներում տարբեր բարձրագոյն ուսում ձեռք բերած հայ լաւագոյն մասնագէտները: Ճեմարանում մինչեւ 2005 թուական գործել է նաեւ հայագիտութեան բաժին, որի նպատակը մասնագէտ ուսուցիչներ, ազգային գործիչներ, խմբագիրներ պատրաստելն էր:

Այս հաստատութեան շրջանաւարտների աշխատանքով աստիճանաբար սփիւռքում կեանք առան հայ դպրոցները, գրական եւ հասարակական այլ հաստատութիւնները: Այս պատմական Ճեմարանը, որն իր փառահեղ գործունէութիւնը շարունակում է մինչեւ լիբանանեան պատերազմի վերջ, Պէյրութի ժողովրդագրական փոփոխութեան պատճառով, ապահովութեան համար փոխադրւում է այլ վայր` շարունակելով գործել մինչ օրս նոյն փայլով, սակայն նոր բարերարների անունով` «Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան» անուանումով:

Նախկին շինութիւնը դեռ ամբողջութեամբ պահպանւում է, եւ ամէն անգամ Լիբանանում գտնուելիս իմ պարտքն եմ համարում այցելել այդ պատմական հաստատութիւնը, իմ խորին յարգանքը մատուցել այն բոլոր մեծութիւններին, որոնք մտել են այդ շինութեան դարպասներից ներս, քայլել այդ ծառուղիով, աստիճաններով բարձրացել վեր: Ցերեկները գուցէ հանգստացել են փոքրիկ, գեղեցիկ պարտէզում, հաւանաբար անուանի երաժշտահան, խմբավար Բ. Կանաչեանի երգչախմբի փորձերը եւ աշակերտութեան հայերէնով աղմուկ-խօսակցութիւնները լսելով: Թէեւ լռութիւն ու սառնութիւն է իշխում իմ շուրջ, սակայն միշտ զգում եմ նրանց շունչը, կարծես այն դեռ կախուած լինի օդում: Կարծում եմ, որ այս պատմական հաստատութիւնը որպէս մեր ժողովրդի մշակութային դիմագիծ` պարտաւոր ենք պահպանել:

Այս հաստատութեան բերած մեծագոյն արդիւնքով տարուած ճեմարաններ են հիմնուել Մարսէյում, Սիտնիում:

Գաղութների տարածման ու մեծացման հետ միասին ընդարձակուել, փոխուել է նաեւ Համազգայինի ծրագիրը: Միայն կրթական միութիւնից այն հետզհետէ աճելով` իր մէջ ընդգրկել է գեղարուեստի բոլոր բաժինները` թատրոն, երգչախումբ, պար, նկարչութիւն, հրատարակչութիւն, երաժշտութիւն:

Յատկապէս բարձր գնահատանքի է արժանի Պէյրութի նախ Գ. Իփէկեանի, ապա Ժ. Սարգիսեանի եւ նաեւ Վ. Խտըշեանի անուամբ ու ղեկավարութեամբ երկար տարիներ գործած թատերախումբը:

Նոյն Պէյրութում Բ. Կանաչեանի ղեկավարութեամբ մեծ հեղինակութիւն է վայելել «Գուսան» երգչախումբը:

Աշխարհի բոլոր հայահոծ գաղութներում, հսկայ Ամերիկայի տարածքներում իսկ ստեղծուել են Համազգայինի մասնաճիւղեր:

Հինգ տարի ինքս էլ ղեկավարել եմ Ս. Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի թատերախումբը` առանց ակնկալիքի, մեծ աշխուժութիւն ու հետաքրքրութիւն առաջացնելով գաղութում, ներգրաւելով յատկապէս երիտասարդներին, աշխատել թատերասրահի բացակայութեամբ, ամենադժուարին պայմաններում, աւելի յաճախ անբարեացակամ մթնոլորտում, բայց գոհացել եմ բեմային կրթութիւն տալով մասնակիցներին, նրանց հայերէնը յղկելով, բարձրորակ արուեստին կապելով: Նրանց մէջ իրապէս շատ շնորհալիներ են եղել, որոնք մեծ զոհաբերութեամբ, աշխատանքից յետոյ, մէկ, մէկուկէս, յաճախ երկու ժամ երթեւեկելով` արուեստի սիրոյն եկել ու աշխատել են մեծ հաճոյքով: Բեմային լուրջ կրթութեան հնարաւորութեան դէպքում նրանցից շատերը կարող էին առաջաւոր դերասաններ դառնալ:

Ուզում եմ շեշտել, որ այս ամէնն արւում էր պետականութեան բացակայութեամբ, արւում էր ինքնակամ աշխատուժի ջանքերով:

Այս միութեան գաղափարին նուիրուած անձերի աշխատանքով, նրանց ժամերի, օրերի զոհողութեամբ, հոգեպէս փլուզուած ժողովուրդը օտարութեան մէջ գտաւ իր դիմագիծը` կրկին հայանալով, թրքախօս հայից դարձաւ հայախօս, դարձաւ հայերէնով ստեղծագործող` գրող, քննադատ, հրապարակագիր, խմբագիր, սրբագրիչ ու հրատարակիչ: Համատարած հայ խօսքն ու երգը օգնեցին ոչ միայն դիմագրաւելու օտարութեան ծանր լուծը, այլ հարստացրին արեւմտահայ մշակոյթը:

Խորհրդային ամենաթունաւոր տարիներին Համազգայինի ջանքերով սփիւռքահայութիւնը միշտ տեղեակ է եղել ու կապուած մնացել, առանց խտրութեան, հայրենի մշակոյթին ու արուեստին: Այս միութեան շնորհիւ հայրենի մտաւորականները, անկախ իրենց դիրքորոշումից, շփուել են հայրենակարօտ համայնքների հետ: Այս միութիւնը աշխատել է առանց պատնէշների, առանց խտրութեան:

Պատերազմներն ու ներքին պառակտումները երբեք չխոչընդոտեցին Համազգային միութեան գործունէութիւնը, որի փայլուն վկայութիւնն էլ մեր երկրորդ անկախութեան տարիներին հայրենի երկրում բացուած Համազգայինի թատրոնն էր, որը նոյն անուամբ դեռ շարունակում է գործել` տեղական տասնեակ այլ արհեստավարժ թատրոնների հետ համահաւասար:

Ժամանակը միշտ պարտադրում է իրենը եւ ժամանակի հետ համընթաց քայլելն է հաստատում որեւէ գործի մեծութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը:

Համազգային մշակութային հաստատութիւնը ծնուելով 20-րդ դարի սկզբին, մեր ժողովրդի ամենակենսական շրջանին, բազում դժուարութիւններ յաղթահարելով, սփռուելով աշխարհով մէկ, 90 տարի անկանգառ գործել է` իր հունձքը հասցնելով 21-րդ դար:

Փոխուել է դարը, փոխուել են պահանջները, փոխուել է աշխարհի կշռոյթը, փոխուել է նաեւ հայութեան դիմագիծը: Փոխուել է աշխարհով մէկ ցրուած հայութեան նոր աճող սերնդի կապը իր մշակոյթի, պատմութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ լեզուի հանդէպ: Խախտուած են բոլոր չափանիշները: Այս արագընթաց իրարանցումի մէջ պիտի կարողանա՞նք զարգացնել 90 տարիների ստեղծածը, քանզի հայութիւնը դեռ ցրուած է աշխարհով մէկ, մեր ներկայ փոքրիկ երկիրը դեռ իր վերագտնման աշխատանքի մէջ է, դեռ մեր պահանջատիրութիւնը, մեր պատմութեան ամբողջական դիմագիծը չի ձեւաւորուել: Հայապահպանման հարցն աւելի է սրուած աշխարհի այս խառնաշփոթ իրարանցումի մէջ, նոյնիսկ` միջինարեւելեան մեր գաղութներում: Իսկ հայեցի դաստիարակման հարցը ո՛չ միայն սփիւռքում, այլ նաեւ հայրենիքում է հրատապ դարձած:

Համազգայինի դերն էլ բնականաբար փոխուած է: Նոր սերնդի հայեցի դաստիարակութիւնը, ե՛ւ դպրոցներում, ե՛ւ Համազգայինի աշխատանքներում, այսօր այլ պահանջների եւ աւելի դժուար պահանջների մակարդակի վրայ է դրուած:

Պէտք է ընդունենք նրանց տարուածութիւնը տեղական օտար լեզուի եւ նրանց կապուածութիւնը արդէն իրենց մասը դարձած տուեալ լեզուի հետ, որը դիւրացնում է իրենց կեանքը, եւ նրանք իրենց տուեալ հասարակութեան ամբողջական մասնիկն են զգում: Մակերեսային ու դիւրութեան ձգտող ժամանակի ընդհանուր ալիքը մեծ արագութեամբ կուլ է տալիս նրանց: Բոլորս էլ գիտենք` երկդիմի ապրելը դժուար է, բայց եւ` բնական, երբ յաղթահարում ես այդ դժուարութիւնը` ամբողջովին տիրապետելով քո ազգութեան մանրամասներին: Ուրեմն պէտք է միջոցներ գտնենք, ոչ թէ մենք գնանք իրենց ետեւից, այլ իրենց` մեր մօտ բերենք: Ոչ թէ իջնենք իրենց մակարդակին` պարզունակ դարձնելով ամէն ինչ, այլ որակով բարձրանալով` իրենց բերենք մեր մէջ: Իսկ դա նշանակում է նոր որակ: Դա նշանակում է ազգային պատմութեան անկողմնակալ ճանաչողութիւն:

Միայն հայ դպրոցներով անկարելի է հայ լեզուն պահել ու մշակոյթ զարգացնել: Պէտք է մեր սերունդին ամէնից առաջ կապել մեր լեզուին, որ ազատ ընդունեն ե՛ւ իրենց պատմութիւնը, ե՛ւ մշակոյթը: Հրամցուող ձեռնարկներն այլեւս այնպիսի մակարդակի պիտի լինեն, որ նոր սերնդին գրաւեն, իսկ գրաւելու համար բարձրագոյն մակարդակ է պէտք:

Բնականաբար, քանի գոյութիւն ունի սփիւռքը, Համազգայինը որպէս կրթական ու մշակութային միութիւն` դեռ շատ անելիքներ ունի, եւ այդ անելիքների առանցքը դառնալու է բարձրորակ մշակոյթով ժողովրդին սնելը եւ միայն այդ դէպքում այն կարող է եկող սերունդների հետ շարունակել իր երթը:

Որպէս ստեղծագործող, Համազգայինի անդամ եւ նրա հովանաւորութեամբ ժողովրդի հետ հաղորդակցուող արուեստագէտ` մաղթում եմ այս միութեան իմ ժողովրդի հետ հազարամեակների երթ, յանուն մեր մշակոյթի եւ արուեստի զարգացման:

30 սեպտեմբեր 2018
Սան Ֆրանսիսքօ

Հայաստան Կարիքը Ունի Ե՛ւ Ներդրումներու, Ե՛ւ Բարեգործութեան…

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Տարիներու ընթացքին, Հայաստանի 1991 թուականի անկախացումէն սկսեալ, ես եզակի հնարաւորութիւն ունեցած եմ հարիւրաւոր ժամեր անցընելու երկրի նախկին երեք նախագահներուն հետ` անոնց հետ անձնապէս քննարկելով Հայաստանի վերաբերեալ բազմաթիւ հիմնախնդիրներ: Ես անոնց ներկայացուցած եմ իմ մասնագիտական գնահատականները եւ յաճախ իմ քննադատութիւնները` երկրի կառավարման վերաբերեալ: Թէեւ նախագահները գոհ չէին, որ մատնացոյց կ՛ընէի թերութիւններն ու սխալները, սակայն կը հասկնային, որ մտադրութիւն չունէի զիրենք նսեմացնելու, այլ կ՛ուզէի օգնել իրենց` բարելաւելու համար բնակչութեան կենսապայմանները:

1988-ի երկրաշարժէն ի վեր ես բարեգործական աշխատանքներ կը կատարեմ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, սկիզբը` իբրեւ Միացեալ հայկական հիմնադրամի (UAF), իսկ հետագային` իբրեւ Հայաստան Արցախ հիմնադրամի (AAF) նախագահ եւ Քըրք Քըրքորեանի «Լինսի» հիմնադրամի փոխնախագահ` աւելի քան 800 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն հասցնելով Հայաստանի եւ Արցախի` UAF-ի եւ AAF-ի կողմէ, եւ կառավարելով 242 միլիոն տոլար արժողութեամբ ենթակառուցային ծրագիրներ` «Լինսի» կողմէ ֆինանսաւորուած: Հակառակ Հայաստանի մէջ այդ տարիներուն տիրող կաշառակերութեան` ես խստօրէն պայքարած եմ մարդասիրական ապրանքներու եւ գումարներու պահպանման համար, մնայուն կերպով նախագահներու ուշադրութիւնը հրաւիրելով բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ կատարուող չարաշահումներու վրայ եւ պահանջելով, որ զանոնք կարգի հրաւիրեն կամ պաշտօնէ հեռացնեն:

Հայաստան եւ Արցախ կատարած 58 այցելութիւններուս ընթացքին ես աչքովս տեսած եմ մարդոց մեծամասնութեան թշուառ պայմանները` մեր հայրենիքին մէջ, զրկուած` դրամէ, սնունդէ, դեղորայքէ, հագուստէ եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներէ: Տեսնելով ժողովուրդի զրկանքներուն անտեսումը նախագահներու կողմէ` ես յաճախ եւ յամառօրէն երկրի ղեկավարութեան ուշադրութեան կը ներկայացնէի չքաւոր խաւին տխուր վիճակը:

Զիս յատկապէս կը զայրացնէին պետական պաշտօնեաներու խօսակցութիւնները այն մասին, որ Հայաստան միայն ներդրումներու կարիք ունի, այլ ոչ թէ` բարեգործութեան: Ես նման դատողութիւնները կը համարէի անգութ` ժողովուրդի տառապանքներուն նկատմամբ: Իւրաքանչիւր այսպիսի յայտարարութենէ ետք կը հակադրուէի այդ պաշտօնեաներուն` անոնց բացատրելով իրենց յայտարարութիւններուն բացասական հետեւանքը:

Հետեւաբար զարմացայ, երբ 2018 սեպտեմբեր 23-ին Նիւ Եորքի մէջ կայացած իր ելոյթին ընթացքին Հայաստանի նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` ժողովուրդի մարդը, յայտարարեց, որ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու պարունակին մէջ պէտք է խրախուսուի աշխատանքը, այլ ոչ թէ` բարեգործութիւնը. «Հայութիւնը կրնայ Հայաստանին աջակցիլ ընդամէնը մէկ տարբերակով` Հայաստանի մէջ ծաւալելով տնտեսական գործունէութիւն, հիմնադրելով որեւէ գործ եւ աշխատելով: Այսօր Հայաստանի ընկալումը հետեւեալն է. անիկա երկիր մըն է, ուր կարելի է ծաւալել տնտեսական գործունէութիւն, գործ հիմնադրել, շահոյթ ստանալ, հարստանալ եւ հարստացնել: Մեր ուղերձը բոլորին հետեւեալն է. հարստացէք եւ հարստացուցէք: Մենք կ՛ուզենք, որ Հայաստանը ընկալուի իբրեւ այսպիսի երկիր, Հայաստանի մէջ պէտք է իրականացնել ոչ թէ բարեգործական, այլ զարգացման ծրագիրներ…»:

Վարչապետ Փաշինեանին նկատմամբ արդար ըլլալով` նշեմ, որ ան իր ելոյթին մէջ խօսեցաւ նաեւ շատ ուրիշ թեմաներու մասին, որոնց հետ ես լիովին համաձայն եմ: Ան հսկայական զօրակցութիւն կը վայելէ թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ ամբողջ աշխարհի… Ան գրեթէ ջնջած է կաշառակերութիւնը հայկական հասարակութեան մէջ եւ ներկայացուցած` ձայնը ժողովուրդին, որ քառորդ դարէ աւելի, անկախութենէն ի վեր, անձայն մնացած էր: Այսուամենայնիւ, ինչպէս ըսած եմ նախորդ նախագահներուն, այժմ կը փափաքիմ հետեւեալ բացատրութիւնները տալ նոր վարչապետին.

1) Ես լիովին կ՛աջակցիմ վարչապետին այն նախաձեռնութեան, ըստ որուն, Հայաստան կարիքը ունի տնտեսական ներդրումներու`  աշխատատեղեր ստեղծելու եւ արդիւնաբերութեան արտահանումը ընդլայնելու առումով: Ստեղծելով աշխատատեղեր` մարդիկ ոչ միայն եկամուտ կ՛ունենան իրենց ամէնօրեայ ծախսերու վճարման համար, այլեւ պետութիւնը եւս կ՛ունենայ հարկային եկամուտներ` երկրի եւ բնակչութեան բազմաթիւ կարիքները հոգալու համար:

2)  Այսուամենայնիւ, վարչապետին կոչը այն մասին, որ` «աշխատանքը պէտք է խրախուսուի, այլ ոչ թէ` բարեգործութիւնը», հարիւր հազարաւոր աղքատներ կը զրկէ իրենց առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներէն: Ներդրումները ժամանակ կը պահանջեն ժողովուրդին հասնելու եւ արդիւնքներ արձանագրելու համար: Այդ ընթացքին, եթէ բարեգործական ջանքերը չխրախուսուին, յետին չքաւորութեան մէջ ապրողները չեն կրնար գոյատեւել…

3) Ոչ բոլոր սփիւռքահայերը կրնան ներդրումներ կատարել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Կան տասնեակ բարեգործական կազմակերպութիւններ, որոնք օրէնքով չեն կրնար ներգրաւուիլ տնտեսական գործունէութեան մէջ, քանի որ անոնք միայն բարեգործութիւն կրնան ընել: Երկրաշարժէն ետք եւ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր հայկական եւ միջազգային բարեգործական կազմակերպութիւնները մեծ քանակութեամբ օգնութիւն ցուցաբերած են Հայաստանի եւ Արցախի: Եթէ այդ մարդասիրական օգնութիւնը չըլլար, կենսամակարդակը աւելի ցած կ՛ըլլար` վտանգելով բազմաթիւ հայերու գոյատեւումը: Չխրախուսելով բարեգործութիւնը` մենք պարզապէս կը խնդրենք բարեգործական կազմակերպութիւններէն, որ չօգնեն Հայաստանի կարիքաւորներուն:

4) Հայաստանի կառավարութիւնները գումարի սղութեան պատճառով տակաւին չեն կրնար բաւարարել իրենց բնակչութեան կարիքները: Սփիւռքի բարեգործական կազմակերպութիւնները օգնութիւն կը տրամադրեն, ինչ որ կառավարութիւնը չէր կրնար ընել: Անկախութենէն ի վեր եթէ Հայաստան բարեգործական օգնութիւն ստացած չըլլար, ժողովուրդին շատ մը կարիքները չէին կրնար բաւարարուիլ, իսկ Հայաստան աւելի աղքատ երկիր մը կ՛ըլլար…

5) Եթէ նոյնիսկ սփիւռքը այսօր իսկ սկսի ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ, սա չի նշանակեր, որ նոր միջոցներու ներհոսքը մէկ գիշերուան ընթացքին պիտի բաւարարէ ժողովուրդին բոլոր կարիքները: Ի հարկէ, որոշ մարդիկ, ի վերջոյ, կ՛աշխատին, սակայն շատերը, ինչպէս, օրինակ, տարեցները, նախկինին պէս եկամուտ չեն ունենար` իրենց չնչին թոշակներէն բացի: Անոնք, որոնք տեղեակ չեն Հայաստանի մէջ տիրող ծայր աստիճան աղքատութեան մասին, պէտք է կարդան «Կարտիըն» թերթին մէջ 29 սեպտեմբեր 2018-ին հրապարակուած Նիք Տանցիկըրի յօդուածը` «Աւելի լաւ է մեռնիլ. գոյատեւման պայքար Հայաստանի չքաւորութեան մէջ» վերնագիրով:

6) Թիւր կարծիք մը գոյացած է, ըստ որուն, եթէ Հայաստանի մէջ շատ ներդրումներ ըլլային, ապա կարիք չէր ըլլար բարեգործութեան: Գրեթէ բոլոր երկիրներուն, նոյնիսկ` առաւել զարգացածներուն մէջ, կան բարեգործական հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ, որոնք կը բաւարարեն աղքատներուն կարիքները: Միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ  բարեգործական կազմակերպութիւններ միլիառաւոր տոլարներու օգնութիւն կը տրամադրեն կարիքաւոր մարդոց եւ ընտանիքներու: Եթէ ամերիկացիները բարեգործութեան կարիքը ունին, հայերը, անկասկած, տակաւին երկար ժամանակ բարեգործական օգնութեան կարիքը պիտի ունենան…

Հետաքրքրական է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կինը` Աննա Յակոբեանը, վերջերս ստեղծեց իր բարեգործական կազմակերպութիւնը` «Իմ քայլը» հիմնադրամը, որ կը նպատակադրէ զօրակցիլ երկրի կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ մշակութային ծրագիրներուն: Այս հիմնադրամը կ՛ընէ այն, ինչ որ միանգամայն անհրաժեշտ է, քանի որ Հայաստանի ժողովուրդը խիստ կարիքը ունի օգնութեան…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

 

 

 

Լիրայի Արժեզրկումը Եւ Սուլթան Էրտողանի Անկումը

0
0

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Թուրքիոյ լիրան կը շարունակէ արժեզրկուիլ` սուլթան Էրտողանը առաւել սուզելով իր տնտեսական տագնապին մէջ: Արդարեւ, օգոստոս 9-ին տոլարին արժէքը 5,31 լիրայի հասած էր, սակայն օգոստոս 10-ին, երբ նախագահ Թրամփ Թուրքիայէն ներածուող պողպատի եւ ալիւմինոմի մաքսը կրկնապատկեց (նախկին 10 եւ 25 տոկոսը դարձան 20 եւ 50 տոկոս` յաջորդաբար), նոր հարուած մը հասաւ արդէն իսկ տկար լիրային. այս անգամ, լիրային համեմատ, մէկ տոլարին արժէքը 10 լիրայէն աւելի եղաւ: Թէեւ այս մէկը երկար չտեւեց, սակայն Թուրքիան կորսնցուց շուկային վստահութիւնը: Էրտողան, կատաղած վիճակի մէջ, երեք օր անդադար ելոյթներ ունեցաւ` ժողովուրդը յորդորելով, որ իր ունեցած տոլարները փոխարինէ լիրայով, եւ` վստահեցնելով, որ երկրին տնտեսութիւնը տակաւին կայուն է, ու այս ամբողջ պատահածին պատճառը Ամերիկա՛ն է եւ բոլոր անոնք, որոնք կը սարսափին Թուրքիան հզօր երկիր ու իսլամները վերականգնած ուժ տեսնելէ:

Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ իսկոյն օգնութեան հասաւ` 15 միլիառ տոլարի ներդրումներ խոստանալով Թուրքիոյ, եւ այդպիսով, տոլարին արժէքը օգոստոս 15-ին 6,75 լիրայի իջաւ: Սակայն, ընդհանուր առմամբ, լիրան իր արժէքին 40 տոկոսը կորսնցուցած է այս տարուան ընթացքին: Թուրքիոյ իշխանամէտ լրատուամիջոցները այս բոլորին համար, անշուշտ, մեղադրեցին համաշխարհային սակարաններուն մէջ ազդեցիկ կողմերը:

Թրամփը իր վերոնշեալ որոշումը տուաւ, երբ Էրտողան պահանջեց Ամերիկայէն իր նախկին բարեկամ եւ ներկայի թշնամի Կիւլենը Թուրքիոյ յանձնել` ամերիկացի քարոզիչ Էնտրու Պրանսընը ազատ արձակելուն դիմաց. վերջինս 2016-ին կալանաւորուած է Թուրքիոյ մէջ եւ կրնայ մինչեւ 35 տարուան ազատազրկման դատապարտուիլ: Թրամփին միջնորդութեամբ, նախապէս Իսրայէլի մէջ «Համաս»-ի հետ գործակցելու մեղադրանքով բանտարկուած թուրք ազգայնամոլ Էպրօ Օզկանը արդէն իսկ ազատ արձակուած էր` Պրանսընը ազատ արձակելու ակնկալութեամբ, սակայն Էրտողան այդ մէկը չկատարեց` Թրամփին մեծ զայրոյթ պատճառելով: Ամերիկա նաեւ զայրացաւ այն բանէն, որ Թուրքիա պիտի գնէ ռուսական «Էս.-400» պաշտպանական համակարգեր` ՕԹԱՆ-ի անդամ ըլլալով հանդերձ. աւելի՛ն, Թուրքիա չմասնակցեցաւ Ամերիկային պարտադրած տնտեսական պատժամիջոցներուն` Իրանի դէմ, իսկ Սուրիոյ հարցով ակնյայտ ընդհարումի մէջ է Ամերիկայի հետ:

Ըստ «al-monitor» կայքին, «Տարիներ շարունակ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը խրախուսէր ընկերութիւնները` շահութաբեր երաշխիքներ ապահովելով մայրուղիներու, կամուրջներու, օդակայաններու, բնակելի եւ առեւտրային շէնքերու կառուցման համար»: Այդ բոլորը երկիրը հարիւրաւոր միլիառներու պարտքի տակ դրին, իսկ երբ ժամանակը եկաւ այդ պարտքերը տոլարով վերադարձնելու, երկրին տնտեսութիւնը խուճապի մատնուեցաւ, եւ լիրայի տագնապը սաստկացաւ: Նոյն նիւթի շրջանակին մէջ, ամերիկեան «S&P Global» տնտեսական հետազօտութեանց աղբիւրը օգոստոս 27-ին հրապարակած էր, որ Թուրքիա այս տարի կանգնած է սղաճի տատանումներու եւ տնտեսական խիստ ճգնաժամի առջեւ, քանի որ երկրի դրամանիշին տագնապը դեռ կը շարունակուի: Աղբիւրը նախատեսած է, որ Թուրքիոյ սղաճը 2019-ին կրնայ հասնիլ աւելի քան 20 տոկոսի, իսկ գործազրկութիւնը` 12 տոկոսի, աւելցնելով նաեւ, որ Քաթարի 15 միլիառ տոլարի օժանդակութեան ծրարը եթէ նոյնիսկ իրականացուի, պիտի յաջողի միայն որոշ չափով աջակցութիւն ցուցաբերել Թուրքիոյ տնտեսութեան, իսկ այդ գումարէն մաս մըն ալ շատ հաւանական է, որ հին ներդրումներ ըլլայ:

Ներկայիս Էրտողանի համար մնացեր են միայն քանի մը դաշնակիցներ, որոնցմէ յատկանշական է «Իսլամ եղբայրներ» կազմակերպութիւնը («Իխուան»): Ըստ արաբ մտաւորական եւ գրող Ահմետ Սառաֆի, օգոստոս 18-ին լոյս տեսած մէկ գրութեան մէջ «Իսլամ եղբայրներ»-ու մոլեռանդ առաջնորդ Եուսուֆ Քարատաուին հաստատած է, որ` «Աստուած, Գաբրիէլ հրեշտակը եւ բոլոր հրեշտակները կ՛աջակցին Էրտողանին»… Ծիծաղելին ա՛յն է սակայն, որ վերջինիս պարզամի՛տ հետեւորդները կը հաւատան անոր ըսածին: Սառաֆ նաեւ կ՛աւելցնէ, որ «Իսլամ եղբայրներ»-ը կեղծ քարոզարշաւ մը կազմակերպած են թրքական տկար լիրային եւ նախագահ Էրտողանին աջակցելու նպատակով. սակայն անոնց ըրածը, ըստ արաբ մտաւորականին, Էրտողանի սիրոյն համար չէ, այլ անոնք մտահոգ են Թուրքիոյ մէջ իրենց ներդրումներով, առանց գիտակցելու, որ թրքական լիրան տասը տարիէ ի վեր արդէն իսկ անկումի մէջ է:

Էրտողան այժմ նոր դաշնակիցներ կ՛որոնէ. ներկայիս անոր ամենակարեւոր դաշնակիցը Ռուսիան է, թէեւ վերջինս Թուրքիոյ պատմակա՛ն թշնամին է, նաեւ` Իրանը, որուն հետ ան սիւննի-շիի մրցակցութիւններ ունի, եւ` Չինաստանը, որուն հետ ցեղային կապեր ունի: Ըստ «Asiatimes»-ի, «Թուրքիոյ ներկայի տնտեսական փլուզումը տարիներ առաջ արդէն կը սպասուէր: Թրքական լիրային անկումը չզարմացուց մէկը: Էրտողան այժմ կ՛ակնկալէ Համաշխարհային դրամատան վարկերուն այլընտրանք մը գտնել, եւ եթէ Թուրքիա Չինաստանէն վարկեր ստանայ, ապա կրնայ Չինաստանի տնտեսական մարզպանը դառնալ»: (Պարսից արքային ներկայացուցիչը կը կոչուէր մարզպան, որ կուսակալ կամ նահանգապետ կ՛ըլլար):

Այս բոլոր անցուդարձերէն ետք կարելի՞ է արդեօք ակնկալել Էրտողանի վերջնական անկումը: Անկարելի բան չկայ, սակայն Էրտողանի պարագային, հարցը շատ աւելի բարդ է: Թուրքիան կրնայ ճնշում բանեցնել Ամերիկայի վրայ` Ռուսիոյ հետ սերտ կապեր հաստատելով, առանց սակայն ՕԹԱՆ-էն դուրս գալու. բան մը, որ Ամերիկայի համար անընդունելի է: Աւելի՛ն. ան կրնայ Եւրոմիութեան սպառնալ` գաղթականներու նոր հոսքերու արգելք չհանդիսանալով: Իսկ երկրին մէջ իր ամենավերջին հարուածը կրնայ ըլլալ լիրայի ելեւմտական գործողութիւններուն վրայ պետութեան ձեռքը դնելը… Սակայն այս մէկը անկարելի կը թուի ըլլալ, որովհետեւ Թուրքիան հսկայ տնտեսութեամբ երկիր մըն է, որ մի՛շտ կարիքը ունի դուրսէն ներդրումներու:

Ամերիկահայ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուն սեպտեմբեր 7-ին «Պլումպըրկ»-ին յայտնեց, որ 2000-2001-ի տնտեսական ճգնաժամէն ետք, 2002-2006-ի Թուրքիոյ նորանշանակ վարչապետ Էրտողանն ու իր կառավարութիւնը կրցան բարելաւել իրավիճակը, սակայն 2006-էն ետք կացութիւնը սկսաւ վատթարանալու: «Եթէ 2002-ին իրավիճակը բարելաւուեցաւ քաղաքականութեան շնորհիւ, ապա բոլոր այդ ձեռքբերումները հաւաքող-տանողն ալ կրկին նո՛յն քաղաքականութիւնը եղաւ», յայտնեց ան: Սակայն Էրտողանի կողմնակիցները իրենց կարգին կը հաւատան, որ Թուրքիա պիտի չկարենայ իր պատմական առաքելութիւնը կատարել` «Թուրքիան իբրեւ միջազգային մեծ ուժ» վերականգնել, եւ համաշխարհային իսլամական համայնքին արժանապատուութիւնը պահպանել` առանց Էրտողանի:

Վստահաբար երբ դանակը ոսկորին հասնի, այդ ժամանակ բոլորն ալ պիտի զգան Էրտողանի բռնատիրութեան ահռելի վնասները, եւ այդ ժամանակ Էրտողան պիտի դառնայ Թուրքիոյ արդի պատմութեան առաջին եւ վերջին «երազող սուլթան»-ը:

Լոս Անճելըս – սեպտեմբեր 2018

hampomg@yahoo.com

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Սուրէն Թարխանեան

Սուրէն Թարխանեան (Նիկոլայ, Կուռօ), հայ ազգային ազատագրական շարժման գործիչ:

Ծնած է Շուշի, 1896-ին, Ղարաբաղ: Աւարտած է Մոսկուայի Ալեքսանդրովեան զինուորական վարժարանը:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ իբրեւ ռուսական բանակի սպայ` կը մասնակցի Կալիցիոյ, Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ ճակատամարտերուն, կը վիրաւորուի, ապա իր խնդրանքով կը փոխադրուի կովկասեան ռազմաճակատ, 1917-1918 թուականներուն կը մասնակցի Ալաշկերտի, Խնուսի, Բաղէշի կռիւներուն, իր խիզախութեան համար զինակից ընկերներէն կը ստանայ Կուռօ անունը:

Հայաստանի անկախութեան գոյամարտին կը կռուի Սուրմալուի, Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն, ապա հայ-վրացական պատերազմին Կուռօ կը վիրաւորուի. ան կը ստանայ «Վարդան Զօրավար» շքանշանը:

Զանգեզուրի մէջ կը կռուի պոլշեւիկներու դէմ` Ուչթափալար բարձունքին վրայ:

Կը մասնակցի Փետրուարեան ապստամբութեան, Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն զինք կը նշանակէ հայկական բանակի ընդհանուր հրամանատար:

Սուրէն Թարխանեան, յետ ծանր հիւանդութեան, կը մահանայ 1944-ին, Պուքրէշ, Ռումանիա:

Տաճատ Թերլեմեզեան

Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 6 դեկտեմբեր 1888-ին, Վանի Այգեստան թաղամասին մէջ, հարուստ վաճառականի ընտանիքի մէջ: Ան Վան-Վասպուրականի հերոսամարտի ականաւոր գործիչներէն եւ անուանի նկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանին եղբայրն է: Պատանի տարիքէն դաստիարակուած է հայրենասիրական ոգիով, 1904-ին անդամագրուած է ՀՅԴ կուսակցութեան` գլխաւորաբար զբաղելով զէնք-զինամթերքի հայթայթման, պահեստաւորման ու բնակչութեան զինման աշխատանքներով:

Տ. Թերլեմեզեանը հայ ազատագրական շարժման պատմութեան մէջ հռչակ ունեցած է 1904-ին` 16 տարեկանին ահաբեկման ենթարկելով իր քեռին` դաւաճան Դաւոն, որ անձնական նկատառումներով թուրքերուն մատնեց ի գին մեծ զոհողութիւններու հաւաքուած զինամթերքի պահեստներու տեղերը:

Ան մաս կը կազմէ հայ կամաւորական գունդերուն ու 1915-ին կը մասնակցի Վանի պաշտպանութեան:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կազմաւորման օրերուն գործունեայ դերակատար եղած է Ղարաքիլիսայի շրջանին մէջ: Տաճատ իր զինուած ջոկատով շարունակ հսկած է Ղարաքիլիսա-Ղազախ ուղղութեամբ գտնուող թուրք-թաթարական գիւղերու բնակչութեան, զսպած է անոնց ոտնձգութիւնները: Ան մասնակցած է նաեւ Ղամարլուի շրջանի թրքական գիւղերու ապստամբութեան ճնշումին: Այնտեղ կը ծանօթանայ, ապա կ՛ամուսնանայ Արփինէի հետ, կ՛ունենան հինգ զաւակ:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Տաճատ կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ` Նիւ Ճըրզի, ուր նոյնպէս մաս կը կազմէ հասարակական կեանքին: Իր իսկ խնայած գումարներով ու վանեցիներու հանգանակութեամբ հաւաքուած գումարը 1967-ին կը տանի Խորհրդային Հայաստան` Վան-Վասպուրականի հերոսամարտի նուիրուած յուշարձանի մը կառուցման համար: 1980-ին, խոր ծերութեան մէջ, ներկայ կ՛ըլլայ անոր բացման:

Տ. Թերլեմեզեան կը մահանայ 23 ապրիլ 1982-ին, Նիւ Ճըրզի: Տաճատի աճիւնասափորը 1997-ին, իր փափաքին համաձայն, կը փոխադրուի Հայաստան ու կը զետեղուի Վան-Վասպուրականի հերոսամարտին նուիրուած յուշարձանի պատին մէջ:

Սահակ Թորոսեան

Սահակ Թորոսեան. հասարակական քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1885-ին, Աշտարակի շրջանի Փարպի գիւղը: Նախնական ուսումը ստացած է Աշտարակի տարրական դպրոցին մէջ, այնուհետեւ ընդունուած է Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանը:

1907-ին նշանակուած է Օշական գիւղի ծխական դպրոցի աւագ ուսուցիչ: 1907-ին եղած է ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

1909-ին ՀՅԴ կուսակցութեան առաջարկով տեղափոխուած է Թիֆլիս, եղած է «Հորիզոն» թերթի թղթակից, միաժամանակ դասաւանդած է Գայեանեան օրիորդաց դպրոցին մէջ:

1912-ին դարձած է Էջմիածնի ՀՅԴ կազմակերպութեան ղեկավար: Այնուհետեւ Թորոսեանը հրաւիրած են Երեւան` թեմական եւ Գայեանեան դպրոցներուն մէջ հայոց պատմութիւն եւ գրականութիւն դասաւանդելու:

1914-ին ընտրուած է Թիֆլիսի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Թիֆլիս եւ Էջմիածին ապրած ժամանակաշրջանին զբաղած է թարգմանութեամբ եւ գրած է գեղարուեստական գիրքեր:

1917-ին նշանակուած է Երեւանի նահանգապետ եւ եղած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին եւ երկրորդ խորհրդարանի անդամ: 1918-ին, միաժամանակ ըլլալով խորհրդարանի անդամ, զբաղեցուցած է ներքին գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնը:

7 փետրուար 1919-ին նշանակուած է Հայաստանի հանրային խնամատարութեան նախարար (8 ապրիլ 1918-ին նախարարութիւնը վերանուանուած է հանրային խնամատարութեան եւ աշխատանքի նախարարութիւն) եւ այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ նոյն թուականի յունիս 24-ը:

Այնուհետեւ նշանակուած է նաեւ պարենաւորման նախարար, իսկ պոլշեւիկեան մայիսեան խռովութիւններէն ետք փոխարինած է ներքին գործոց նախարարը: Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան վերջին ժամանակաշրջանին վարած է նաեւ Արարատի նահանգի նահանգապետի պաշտօնը: Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին եղած է խորհրդարանի պատգամաւոր, ներկայացուցած է ՀՅԴ ֆրակցիան: Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք անցած է նախկին աշխատանքին` մանկավարժութեան:

1920-ի մարտէն` Հայաստանի խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցութեան նախագահ, իսկ մայիսէն նշանակուած է ներքին գործոց նախարարի տեղակալ: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք 3 անգամ կալանաւորուած է: 1927-ին ան կը գտնուի Երեւանի Չեկայի բանտը, որմէ ետք, ստալինեան հալածանքին, վերջին աքսորէն վերադարձած է 1937-ին, ձերբակալուած է կրկին եւ 1938-ին դատապարտուած է գնդակահարութեան, մահապատիժը յետաձգուած է:

Սահակ Թորոսեանը մահացած է Երեւանի բանտին մէջ, 8 հոկտեմբեր 1940-ին:

Գաբրիէլ Լազեան

Գաբրիէլ Լազեան. հասարակական-քաղաքական գործիչ, պատմաբան, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է Երզնկա, 1893-ին: Հոն ապրած է մինչեւ քսան տարեկան` իւրացնելով այն բոլորը, որոնք անհրաժեշտ էին ձեւաւորելու համար իր մօտ զարգացած եւ գաղափարապաշտ հայ երիտասարդը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա աւարտած է Կ. Պոլսոյ «Հարպիյէ» զինուորական վարժարանը` վկայուելով տեղակալի աստիճանով: 1914-1918 թուականներուն ծառայած է օսմանական բանակի գերմանական գլխաւոր հրամանատարութեան սպայակոյտին մէջ:

1915-ին շղթայազերծուած Մեծ եղեռնի առաջին տարին կը սկսին տեղահանութիւնները: Գ. Լազեան, հեռու իր ծննդավայրէն, երբ կը կնքուի զինադադարը, եւ կը հասնին մանրամասնութիւնները նաեւ Երզնկայի սարսափներուն, կը տեղեկանայ, թէ իր ամբողջ գերդաստանի անդամները, աւելի քան` 70 անձեր, կոտորուած են, եւ ինք մնացած է միայնակ: Գաբրիէլի հայրը` Գուրգէն, եղած է Երզնկայի յեղափոխական սերունդէն: 1915-ին թուրքերու կողմէ կացինահար եղած է Եփրատի եզերքը, Ձորբերան գիւղը, իսկ 7 եղբայրները, քոյրերը եւ մայրը` Զարուհին, նոյնպէս կոտորածին սպաննուած էին: Գաբրիէլ, կրակը սրտին, կ՛որոշէ անցնիլ Հայաստան: Ապա Զմիւռնիա է ան, ուր ամուսնացած է հելլէնուհիի մը հետ:

1918-ին, Մուտրոսի զինադադարէն ետք, Գ. Լազեան եւ իր կինը 1919-ին կը մեկնին Հայաստան: Լազեան 1918-1920 թուականներուն կը ծառայէ հայկական բանակի գլխաւոր սպայակոյտին մէջ, զգալի դեր կը խաղայ բանակին առջեւ դրուած դժուարին խնդիրներու լուծման գործին մէջ: Իսկ կինը Երեւան է:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան օրերուն Գաբրիէլ ռազմաճակատ նետուած էր վրէժխնդրութեամբ լեցուն. իր սրտին մէջ բոցկլտող կրակ մը կար զինք միշտ տանջող իր գերդաստանի, հօր, մօր եւ 7 եղբայր-քոյրերուն կոտորուիլը թուրքին կողմէ:

Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութիւն հաստատուելէ ետք, շատ մը այլ սպաներու հետ ձերբակալուած է եւ` աքսորուած: Հետագային կրցած է անցնիլ արտասահման: Միանալով իր կնոջը` կը յաջողին անցնիլ Թիֆլիս եւ ապա Պաթումի վրայով` Զմիւռնիա, 1921-ին:

1921-1922 թուականներուն, իբրեւ սպայ, ծառայած է յունական բանակին մէջ, մասնակցած` յոյն-թրքական պատերազմին:

1922-ին ամառը, Զմիւռնիոյ ռազմաճակատի պարտութենէ ետք կը գաղթէ Աթէնք:

Աթէնքի մէջ կը սկսի Գ. Լազեանի կեանքի նոր շրջանը: Ան իր կեանքը նուիրեց Յունաստանի հայութեան հանրային կեանքին: Խումբ մը գործակիցներու հետ կը հիմնէ «Նոր Օր» շաբաթաթերթը եւ կ՛ըլլայ թերթին սեփականատէրը:

Գ. Լազեանը Յունաստանի մէջ դեր ունեցաւ ազգային-հասարակական կեանքի մէջ: Ընտրուած է Յունաստանի Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ: Մեծ ներդրում ունեցած է յունահայ համայնքի կեանքի կազմակերպման գործին մէջ: Յունաստան մնաց մինչեւ 1938:

1938-ին աշխատած է Գահիրէ (Եգիպտոս), հիմնադրած` «Յուսաբեր» մշակութային ընկերութիւնը, տպարան, հրատարակչութիւն, գրատուն, վարած է խմբագիրի պաշտօն:

Գաբրիէլ Լազեանը այս ժամանակաշրջանին գրած է բազմաթիւ պատմական ուսումնասիրութիւններ` հայ-ազատագրական շարժման անուանի դէմքերու եւ Հայ դատի վերաբերեալ: Անոր կարգ մը երկերը նուիրուած են յեղափոխական դէմքերու, որոնք կը ներկայացնեն կեանքը այն մտաւորականներուն եւ հայդուկներուն, որոնք գրիչով ու զէնքով, հաւասարապէս, կերտեցին հայկական ազատամարտը, եւ որուն արդիւնք է Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Լազեան կը մասնակցի յաջորդաբար ՀՅ Դաշնակցութեան վեց Ընդհանուր ժողովներուն: 1938-էն մինչեւ իր մահը անընդհատաբար անդամակցած է ՀՅԴ Բիւրոյին:

Գաբրիէլ Լազեանը կը մահանայ ՀՅԴ ԺԷ. Ընդհանուր ժողովի նախօրեակին` 25 օգոստոս 1959, Գահիրէ:

(Շար. 10)

 

Ընկերական Մտորումներ. Մուտքը Եւ Ելքը

0
0

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ինչո՞ւ անդամագրուիս կուսակցութեան մը: Եւ, ընդհակառակն, ինչո՞ւ հրաժարիս, հեռանա՛ս անկէ:

Հարցումները կը դնեմ իրենց ընդհանրական բնոյթով` առանց անպայման առնչելու մեզի ծանօթ կուսակցութիւններուն` հայութեան ծիրին մէջ գործող կուսակցութիւններուն: Այդ հարցումները կրնան տրուիլ ժողովրդավարական երկիրներու պարագային` բազմակուսակցական իրենց դրութեամբ, այլեւ` բռնապետութիւններու պարագային, ուր միակուսակցական դրութիւնը կը տիրապետէ, ուստի եւ կուսակցութիւն բառը ինքնին անիմաստ կը դառնայ, ու կարելի է չակերտներու մէջ առնել` «կուսակցութիւն»… Չէ՞ որ այս բառին արմատը «կողմ»-ն է, եւ եթէ տարբեր կողմեր արտայայտուելու եւ կազմակերպուելու կարելիութիւնը չունին, ի՜նչ կողմ, ի՜նչ կուսակցութիւն:

Հարցումները ընդհանրական բնոյթ ունենալով հանդերձ, բնականաբար ուշադրութիւնս պիտի կեդրոնանայ ազգային շրջարկին վրայ, յղումները պիտի կատարուին, եւ օրինակները պիտի գան մեր կուսակցութիւններէն, որոնցմէ մէկուն ալ ամբողջ կեանք մը զինուորեալը եղած է այս տողերը գրողը:

Ուրեմն, ինչո՞ւ կը միանանք կուսակցութեան մը:

Առաջին պատճառը, նոյնիսկ դրդապատճառը համոզո՛ւմը պիտի ըլլայ, կ՛ենթադրեմ: Կուսակցութեան մը գաղափարականը, իր առաջադրած տեսլականը, իր հետապնդած նպատակները պիտի ըլլան մարդիկ առինքնող գլխաւոր ազդակները: Բայց բաւարա՞ր է համոզումը, նոյնիսկ ոգեշնչումը` կուսակցական ըլլալու համար: Ո՛չ, երբեք: Կարելի է ջերմ համակիր ըլլալ կուսակցութեան մը, մի՛շտ հաւատարիմ ըլլալ անոր գաղափարներուն եւ, եթէ առիթը ներկայանայ, քուէարկել անո՛ր կամ իր կողմէ պաշտպանուած թեկնածուներուն ի նպաստ, նոյնիսկ` նիւթապէս նեցուկ կանգնիլ անոր ծրագրերուն եւ նախաձեռնութիւններուն, առանց սակայն մաս կազմելու անոր շարքերուն: Եւ այդպէս ալ է պարագան քաղաքացիներու ջախջախիչ մեծամասնութեան: Այստեղ կ՛արժէ նշել, որ երբ մէկը «դաշնակցական» կը յորջորջուի, ընդհանրապէս դրական, բայց երբեմն ալ ժխտական առումով, նկատի չ՛առնուիր անոր շարքային ըլլալը կամ չըլլալը, այլ նկատի կ՛առնուի անոր գաղափարական կողմնորոշումը կամ գործելակերպը…

Համոզումէն անդին, պէտք է ըլլայ կամքը` մասնակից ըլլալու անոր աշխատանքներուն: Աջակցելու ոչ միայն կրաւորական կերպով` նիւթականդ տրամադրելով, այլ ներգործակա՛ն կերպով` ժամանակդ, կորովդ եւ կարողութիւններդ ալ դնելով կուսակցութեան մը տրամադրութեան տակ: Այսինքն` յօժար ըլլալ ծառայելու, ազգի՛ն ծառայելու: Բայց իրապէս կը բաւէ՞ բաժնել գաղափարականը եւ պատրաստ ըլլալ աշխատելու կուսակցութեան մը նպատակներուն ի խնդիր` կուսակցական ըլլալու համար: Ըստ իս` ո՛չ, որովհետեւ կուսակցութեան մը համակիրներէն շատեր կրնան մասնակցիլ անոր աշխատանքներուն` առանց մաս կազմելու անոր շարքերուն: Այդ չէ՞ պարագան բոլոր անոնց, որոնք, օրինակի համար, հաւատարմօրէն կը գործեն Դաշնակցութեան ուղեկից կազմակերպութիւններուն մէջ` Համազգայինի, ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի, առանց շարքային կուսակցական ըլլալու, նոյնիսկ մասնակից կը դառնան անոր քաղաքական` Հայ դատի աշխատանքներուն, բայց կուսակցական չեն: Նոյնն է պարագան թէ՛ հայկական եւ թէ՛ ոչ հայկական շատ մը կուսակցութիւններու պարագային:

Բայց կը կարծեմ, որ կամքն ալ չի բաւեր:

Կան ուրիշ յատկութիւններ, որոնք նոյնպէս անհրաժեշտ են, որ անհատ մը ցուցաբերէ, երբ կուսակցական կը դառնայ: Անոնցմէ առաջինը, ինչպէս դիտել կու տայի ուրիշ առիթներով, հաւաքաբար աշխատելու տրամադրութիւնն ու… հանդուրժողականութիւնն է: Մէկ բան է` աշխատանք մը ստանձնել անձնապէս ու զայն ի կատար ածել, միայն սեփական ճիգերով, ուրիշ բան է` խումբի մը հետ գործել, կարծիք փոխանակել, հաւաքական որոշում կայացնել ու այնպէս գործել: Այստեղ կը ծագի նաեւ հարցը այդ խումբի անդամներուն հետ փոխադարձ յարգանքով վարուելու ու մանաւանդ մեծամասնութեան տեսակէտը ընդունելու, անո՛ր իրագործումը հետապնդելու, նոյնիսկ եթէ անիկա կը տարբերի սեփական տեսակէտէն: Այս ալ ուրիշ կարեւոր յատկութիւն մըն է կուսակցական ըլլալու համար:

Վերջապէս, գոնէ Դաշնակցութեան պարագային, կ՛ենթադրեմ, սակայն, ինքզինք յարգող որեւէ այլ կուսակցութեան պարագային ալ, ընդունիլ ժողովներու եւ մարմիններու որոշումները, աշխատիլ զանոնք գործադրել, նոյնիսկ եթէ, ինչպէս ըսուեցաւ, անոնք չեն համապատասխաներ սեփական տեսակէտներուդ: Ասիկա եթէ ոչ կուսակցութեան մը անդամագրուելու, գէթ անոր մէջ մնալու նախապայմանն է: Ի վերջոյ խումբիս կամ ընկերական ընդհանուր ժողովիս ճամբով իմ տեսակէտս յայտնած եմ, ինչպէս յայտնած են մնացեալ ընկերները` բարձրաձայն արտայայտուելով կամ քուէարկելով թեր կամ դէմ տուեալ առաջարկի մը, որ, բանաձեւուած, հասած է գերադաս ժողովներու, վերածուած ընդհանրական որոշումի ու վերադարձած ինծի` շարքային անդամիս, առ ի գործադրութիւն:

Որեւէ կուսակցութիւն չի կրնար գոյութիւն ունենալ, երկա՛ր ապրիլ ու գործել առանց այս վերջին ազդակին: Մեր կեանքին մէջ գործող աւանդական թէ նորաստեղծ կուսակցութիւններու պատմութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ այս իրողութիւնը:

Եկէք` ընդունինք սակայն, որ մարդիկ միայն այս անշահախնդիր մօտեցումներով չէ, որ կը ջանան կուսակցութեան մը անդամ ըլլալ: Կրնանք յիշատակել նաեւ քանի մը ոչ այնքան անշահախնդիր դրդապատճառներ ալ, որոնք կը մղեն քաղաքացիները կամ ազգայինները` մաս կազմելու կուսակցութեան մը:

Անոնցմէ մէկը հաճոյքն է: Այո՛, հասարակական գործունէութիւնը միայն զոհողութիւն եւ զոհաբերութիւն չէ, կրնայ նաեւ հաճոյք պատճառել, մանաւանդ երբ գործ մը իրականացուցած ըլլալու բաւարարութիւնը կը զգաս: Թէեւ ասիկա ծառայելու անշահախնդիր մօտեցում չէ, սակայն պէտք չէ ժխտական վերաբերիլ անոր հանդէպ, եթէ առկայ են միւս դրդապատճառները` համոզումը եւ այլն: Այդ զգացուած հաճոյքը նոյնիսկ դրակա՛ն ազդեցութիւն կրնայ ունենալ` զօրացնելով ծառայելու կամքը:

Միւս դրդապատճառը ժամանցն է, այսինքն` ազատ պահդ հաճելի կերպով անցընելու ցանկութիւնը, որուն նոյնպէս անպայման ծուռ աչքով նայելու չենք, եթէ միւս դրդապատճառները կան, իսկ եթէ չկան, վստահաբար երկար չի դիմանար կուսակցական աշխատանքներու ճամբով լաւ ժամանց ունենալու փափաքը…

Կայ նաեւ վարկ ու պատիւ վաստկելու ցանկութիւնը: Վերջապէս, կուսակցական աշխատանքի մէջ ալ ընկերներ աչքի կը զարնեն իրենց կարողութիւններով, կը յաջողին իրենց տեսակէտները համոզիչ դարձնել իրենց ընկերներուն, ընտրուիլ մարմիններու անդամ` ընդհուպ մինչեւ գերագոյն մարմինները, այդ ճամբով ալ արժանանալ յարգանքի ու մեծարման: Սակայն ասիկա երկսայրի սուր է, եւ եթէ ոմանց նպատակը ա՛յդ է պարզապէս, այդ ալ կը բացայայտուի ի վերջոյ, եւ, նայած կուսակցութեան, անոնք աւելի կը պատուուին կամ ալ կը վարկաբեկուին: Այո՛, կան կուսակցութիւններ, որոնք իրենց պաշտօնատարներով, ղեկավարներո՛վ արժէք կը ստանան, ու անոնց հեռանալով` իրենք ալ կրնան կազմալուծուիլ:

Վերջապէս, կայ զուտ շահախնդրութիւնը, անձնական շահի՛, պաշտօնի հետապնդումը, որ մարդիկ կուսակցութիւններու ճամբով կը ձգտին ունենալ եւ, դարձեալ ըստ կուսակցութեան, կը յաջողին կամ կը ձախողին: Նման պարագաներն են, որ պատճառ կը դառնան կուսակցութիւններու ալ վարկաբեկման ու հասարակ քաղաքացիներու վերապահութեան` մաս կազմելու անոնց:

Իսկ թէ ինչո՛ւ մարդիկ կը լքեն կուսակցութիւնները, յստակ պէտք է ըլլայ վերեւը ըսուածներէն: Զանց կ՛առնեմ առարկայական պատճառները` հիւանդութիւնը, ծերութիւնը, տնտեսական նեղութիւնները, հեռաւոր վայրեր տեղափոխութիւնները (այս վերջինները` յատկապէս հայկական կուսակցութիւններու պարագային), որոնք ոմանց համար անկարելի կը դարձնեն իրենց գործնական մասնակցութիւնը կուսակցութեան մը աշխատանքներուն: Ուրիշներ, հակառակ այդ բոլորին, կը շարունակեն պահել իրենց անդամակցութիւնը:

Առնենք նախ անոնց պարագան, որոնք շահախնդրօրէն կուսակցական դարձած էին. բնականաբար անոնք կը հիասթափին, երբ չեն գտներ իրենց ուզածը` անձնական շահը, պաշտօնը, վարկը, ժամանցն ու հաճոյքը, ու կը հեռանան` այլուր փնտռելով այդ բոլորը:

Անոնք, որոնք չեն կրնար զիջիլ իրենց տեսակէտները ի նպաստ հաւաքականին, նոյնպէս ի վերջոյ չեն դիմանար այդ կարծեցեալ կաշկանդումին ու կը նախընտրեն մաս չկազմել կուսակցութեան մը: Անոնց տեսակէտները կրնան շատ յարգելի ըլլալ, սակայն կուսակցականութիւնը կ՛ենթադրէ համախոհութիւն մը եւ այդ առումով` փոխզիջումի պատրաստակամութիւն մը, որմէ զուրկ կ՛ըլլան նման անձերը:

Անոնք, որոնց համար դժուար է խմբական աշխատանքի մը բերել իրենց մասնակցութիւնը, ի վերջոյ նոյնպէս չեն կրնար շարունակել մնալ կուսակցական:

Կան նաեւ անոնք, որոնք հաշտ չեն ըլլար կուսակցութեան մը գործելակերպին, օրինակ, Դաշնակցութեան պարագային` անոր մարտական գործելակերպին, երբ հայրենիքը կը վտանգուի:

Ամէնէն աւելի, սակայն, համոզումի հարցն է, որ կարեւորութիւն ունի: Երբ կուսակցութեան մը գաղափարականը, տեսլականն ու նպատակները չես բաժներ, ինչո՞ւ պիտի մնաս անոր շարքերուն մէջ: Պարկեշտութիւնը կը պահանջէ, որ հեռանաս` այդ ձեւով արդար ըլլալով թէ՛ դուն քեզի հանդէպ եւ թէ՛ կուսակցութեան: Այդ պարագային, ես պատրաստ եմ քեզ աւելի՛ յարգելու:

Մաս կազմե՞լ, թէ՞ չկազմել, մաս կազմելէ ետք ալ` մնա՞լ, թէ՞ հեռանալ. դո՛ւն որոշէ:

Ծանօթ.- Կ՛արժէ կարդալ նաեւ Նիկոլ Աղբալեանի (Ն. Հանգոյց) «Մտածումներ ՀՅ Դաշնակցութեան մասին» (Փարիզ, 1933) գրքոյկը` այս հարցին առնչութեամբ:

 

 

 

 

Վանի Մէջ Հայկական Գերեզմանոցի Վրայ Կառուցուած Արտաքնոցը Չէ Քանդուած

0
0

Վանի մէջ հայկական գերեզմանոցի վրայ կառուցուած  արտաքնոցը, ինքնաշարժի կայանը եւ հանդերձարանը չեն քանդուած, թէեւ մէկ տարի առաջ այն ժամանակուան Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուման Քուրթուլուշը յայտարարած էր, որ անոնք վերացուելու են 60 օրուան ընթացքին: Այդ մասին, ըստ «Ակունք»-ին, կը հաղորդէ քրտական թրքալեզու «Մեզոփոթամիա» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրի համաձայն, այդ շինութիւնները անցեալ տարի հայկական գերեզմանոցի վրայ կառուցել տրուած էր Վանի Արտամետի քաղաքապետի պաշտօնակատար նշանակուած Աթըֆ Չիչեքլինը: Այդ փաստը բացասական արձագանգի արժանացած էր, որմէ ետք սոյն հարցը Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանին կողմէ բերուած էր խորհրդարանի օրակարգ, եւ տուեալ ժամանակաշրջանի Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարը ստիպուած  եղած էր այդ մասին յայտարարութեամբ հանդէս գալ` նշելով, որ այդ կառոյցները պիտի քանդուին 60 օրուան ընթացքին:

Ի պատասխան` քաղաքապետի պաշտօնակատար Աթըֆ Չիչեքլինը փորձած էր պնդել, որ տուեալ շրջանին մէջ ոչ մէկ հայկական գերեզմանոց կայ, եւ` ընդգծած, թէ որեւէ կառոյց չի քանդուիր:

Ինչպէս կը հաղորդէ լրատուական գործակալութիւնը, հակառակ անոր որ նախարարի յայտարարութենէն արդէն մէկ տարի անցած է, սակայն տուեալ շինութիւնները դեռ կանգուն են: Ու թէեւ սոյն հարցի վերաբերեալ որոշում կայացուցած է նաեւ Թուրքիոյ մշակութային արժէքներու պահպանման խորհուրդը, բայց եւ այնպէս որեւէ քայլ չէ ձեռնարկուած` այդ կառոյցները քանդելու ուղղութեամբ:


Գրախօսութիւն Մարի Յովհաննիսեանի «Ուրացման Քաղաքականութեան Արմատները, Նորօրեայ Դրսեւորումները Եւ Դրանց Հետեւանքները» Գրքի Մասին

0
0

ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ
Թուրքագէտ, պատմական գիտութիւնների թեկնածու

Մարդկայնութեան դէմ ուղղուած այնպիսի սարսափելի յանցագործութեան ժխտումը, որպիսին ցեղասպանութիւնն է, թերեւս պէտք է համարուի նոյնքան մեծ ոճիր, որքան ինքը ցեղասպանութիւնն է, քանզի հէնց այդ մեծ ոճրագործութեան ուրացման պատճառով է, որ շարունակում են կատարուել նմանօրինակ յանցագործութիւններ: Այդ պատճառով լիովին բնական է, որ ցեղասպանութեան ժխտողականութեան թեման գտնւում է պատմաբանների եւ ցեղասպանագէտների հետաքրքրութեան շրջանակներում: Սակայն հարկ է շեշտել` այս խնդիրը, մինչ Մարի Յովհաննիսեանի սոյն աշխատութեան հրապարակումը, հայ ցեղասպանագէտների շրջանակներում կարօտ էր առաւել համապարփակ ու համակողմանի ուսումնասիրութեան:

Ի դէպ, ներկայացուող հրատարակութիւնը հեղինակի` այս թեմայով կատարած առաջին ուսումնասիրութիւնը չէ. դեռեւս 2012 թ. Գերմանիայի Սաարպրիւքէն քաղաքում անգլերէնով լոյս է տեսել Մարի Յովհաննիսեանի` «Անցեալի եւ ներկայի բախում. Հայոց ցեղասպանութեան հաւաքական յիշողութիւնը եւ թուրքական ժխտողականութիւնը» վերնագրով գիրքը (Collision of Past and Present: The Collective Memory of the Armenian Genocide and the Turkish Denial) (Այդ գրքի մասին գրախօսութիւնը տես` http://akunq.net/am/?p=29324 «Ակունք»-ի խմբ.):

Մարի Յովհաննիսեանի «Ուրացման քաղաքականութեան արմատները, նորօրեայ դրսեւորումները եւ դրանց հետեւանքները» աշխատութեան մէջ ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան հարցում Թուրքիայի վարած ժխտողական քաղաքականութեան ակունքները եւ դրանց դրսեւորումները Ցեղասպանութեան ընթացքում եւ հետագայ ժամանակաշրջաններում` ընդհուպ մինչեւ մեր օրերը:

Հեղինակի դիպուկ խօսքով` «Սա գիրք է ոչ թէ անցեալի, այլ` ապագայի մասին, քանզի միայն անցեալը ճանաչելով է հնարաւոր ըմբռնել արդի խնդիրները եւ ուղիներ գտնել դրանց արդիւնաւէտ լուծման եւ ապագայում դրանց բացառման համար»[1]:

«Ժխտում (մոռացում, սահմանումներ, շարժառիթներ եւ հետեւանքներ)» վերնագիրը կրող առաջին գլխում Մարի Յովհաննիսեանը անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան փաստը մոռացութեան մատնելու Թուրքիայի փորձերին` շեշտում է. «Եթէ մոռացութիւնը կամ ամնեզիան յիշողութեան խանգարման տեսակ է, որը կարող է ունենալ առաջացման տարատեսակ եւ որոշ դէպքերում առարկայական պատճառներ, ապա ժխտումն ընտրութիւն է, որն ունի առաջացման մէկ պատճառ` կամք»[2]: Նոյն գլխի առաջին ենթագլխի վերջում հեղինակն ընդգծելով, որ` «Պատմութիւնը միահիւսում է ազգեր ու պետութիւններ»[3], արձանագրում է. «Եւ ուրեմն ժխտել սեփական պատմութիւնը նշանակում է ժխտել այլոց պատմութիւնը եւս, որը յղի է նոր հակամարտութիւնների առաջացման կամ դրա մագլցումի լուրջ սպառնալիքով: Այս իմաստով յատկապէս վտանգաւոր է մարդկայնութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւնների` ցեղասպանութիւնների ժխտումը»[4]:

Նոյն` առաջին գլխի յաջորդ ենթագլխում, որը վերնագրուած է «Ցեղասպանութեան ժխտման սահմանումները», Մարի Յովհաննիսեանը նշելով, թէ ընդհանրապէս ցեղասպանագիտութեան մէջ ընդունուած է համարել, որ ժխտումը ցեղասպանութեան վերջին փուլն է, եւ որ այն սկսւում է եթէ ոչ յանցագործութիւնից անմիջապէս յետոյ, ապա` գոնէ յընթացս այդ մեծագոյն ոճրագործութեան, առաջ է քաշում ցեղասպանագիտութեան մէջ մի նոր թեզ, համաձայն որի` «… ցեղասպանութեան ժխտումն սկսւում է շատ աւելի վաղ, քան` բուն յանցագործութիւնը»[5]: Յիրաւի, հեղինակի կողմից հիմնաւորուած այդ տեսակէտը հաստատւում է յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան միջոցով: Ինչպէս իր աշխատութեան մէջ արձանագրում է Մարի Յովհաննիսեանը` «… դէպքերի եւ իրադարձութիւնների աւելի խորը եւ մանրազնին վերլուծմամբ պարզ է դառնում, որ յանցագործութիւն կատարող անձինք կամ մի ողջ պետական կառոյց նախ եւ առաջ պարարտ հող են նախապատրաստում կատարուելիք գործողութիւնները ժխտելու համար…»[6] :

Առաջին գլխի յաջորդ` «Ցեղասպանութեան ժխտման շարժառիթները» վերնագրով ենթագլխում հեղինակն իրաւամբ ենթադրում է. «Թուրքական ժխտողական քաղաքականութեան դրդապատճառներից մէկն այն է, որ բռնութիւնը թուրքական իրականութեան մէջ դարերի ընթացքում դարձել է գոյութեան երաշխիք, իսկ դրա ժխտումը, ներթափանցելով մշակոյթի մէջ, վերածուել է ինքնութեան մի մասի եւ գոյութեան պահպանման առհաւատչեայի: Այլոց նկատմամբ բռնութեան կիրառմամբ կայսրութիւն ստեղծելը, այդ բռնութիւններին մասնակցած անձանց հերոսացնելը ստեղծել են ինքնախաբէութեամբ սնուած, ստով ու կեղծիքով համակուած մի մթնոլորտ, որի քօղազերծումը հիմնայատակ կը քանդի այն գաղափարական հիմքերը, որի վրայ կառուցուել են ազգային ինքնութիւն, ազգային անվտանգութիւն, ապագայի վերաբերեալ ազգային տեսլական հասկացութիւնները, եւ այդուհետ անխուսափելի հարցերի տեղատարափը եւ պատասխանատուութեան ստանձման պարտադրանքը կը փլուզեն երկիրը թէ՛ ներսից եւ թէ՛ դրսից»[7]:

Մարի Յովհաննիսեանը կիսում է մասնագէտների այն կարծիքը, համաձայն որի, Թուրքիայի կողմից Հայոց ցեղասպանութեան «ժխտման պատճառներից մէկն էլ այն վախն է, որ կատարուած յանցանքի բացայայտ ընդունումը մեծապէս կ՛ազդի Թուրքիայի միջազգային վարկի վրայ, առաջ կը գան պատասխանատուութեան եւ փոխհատուցման հարցերը»[8]:

Առաջին գլխի «Ժխտման հետեւանքները» ենթագլխում հեղինակը նշելով, որ` «Որոշ գիտնականներ կարծում են, որ անցեալում տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնների ընդունումն ու դատապարտումը չի կարող կանխարգելել ցեղասպանական գործողութիւնների կրկնութիւնն ապագայում` որպէս օրինակ բերելով Ողջակիզման դատապարտումը, որին յաջորդեցին Քամպոտիայում, Տարֆուրում, Ռուանտայում տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններն ու ցեղասպանական գործողութիւնները»[9], չի համաձայնւում այդ տեսակէտի հետ` ընդգծելով. «Համոզուած եմ, որ ցեղասպանութիւնների ճանաչումն ու դատապարտումն ոչ միայն կարող են կանխարգելել, այլեւ իրապէս ունին կանխարգելիչ բնոյթ, այն իւրօրինակ ուղերձ է հնարաւոր յանցագործներին, որ ոչինչ անհետ չի անցնում»[10]:

Մարի Յովհաննիսեանը նոյն` առաջին գլխում առանձին ենթագլուխներով անդրադառնում է նաեւ այնպիսի հարցերի, ինչպիսիք են` Ցեղասպանութեան ժխտման ազդեցութիւնը թուրք հասարակութեան վրայ եւ Մեծ եղեռնի հոգեբանական ազդեցութիւնը Ցեղասպանութիւնից վերապրածների եւ նրանց սերունդների վրայ:

Գրքի յաջորդ` երկրորդ գլխում, որը կրում է «Թուրքական ժխտողական քաղաքականութեան ակունքները» վերնագիրը եւ բաղկացած է երկու ենթագլուխներից, հեղինակն առաջին անգամ գիտական շրջանառութեան մէջ է դնում արխիւային նոր փաստաթղթեր: Ի դէպ, սոյն աշխատութիւնը հիմնուած է նաեւ ժամանակի մամուլի, հասարակական-քաղաքական գործիչների յուշերի եւ մինչ այդ գրուած մասնագիտական գրականութեան վրայ:

Երրորդ` ամենածաւալուն գլուխը, որը վերնագրուած է «Ձեւափոխութիւններ ժխտողական քաղաքականութեան մէջ», բաղկացած է հետեւեալ ենթագլուխներից. «Ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութեան դրսեւորումներ ցեղասպանութեան ընթացքում», «Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը 1965 թուականից ի վեր», «Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը գիտական շրջանակներում», «Հայոց ցեղասպանութեան թուրքական ժխտման հիմնական թեզերը» եւ «Ցեղասպանութեան ժխտումը ֆիլմարուեստում»:

Այս գլխի առաջին ենթագլխում Մարի Յովհաննիսեանը հիմնաւորում է իր կողմից առաջ քաշուած այն թեզը, ըստ որի, Մեծ եղեռնի ժխտումը թուրքերի կողմից սկսուել էր դեռ նախքան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Որոշ վաւերագրերի եւ փաստերի վրայ հիմնուելով` հեղինակն արձանագրում է. «Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ եւս նախազգուշական քայլեր ձեռնարկելը եղել է կանխամտածուած ոճրագործութեան ծրագրի կարեւորագոյն բաղկացուցիչներից: Օսմանահպատակ հայերի արական սեռի անդամների` Օսմանեան կայսրութեան բանակ զօրակոչումը, որը նշանակում էր զրկել ժողովրդին դիմադրելու եւ գոյապայքար մղելու կարող ուժից, ապա նաեւ բնակչութեեան շրջանում անվտանգութեան նկատառումներով պայմանաւորուած տեղահանութիւնների մասին յայտարարութիւնների տարածումը, տեղահանութիւնները յատուկ պայմաններով իրականացնելու ծրագիրը հնարաւորութիւն էին ընձեռնում ոչ միայն այդ պահին, այլեւ հետագայում տեղի ունեցածին այլ բնորոշում տալու եւ իրական եղելութիւնը ժխտելու համար[11]»:

Մարի Յովհաննիսեանը նկատում է, որ թուրքական իշխանութիւնները Ցեղասպանութեան ընթացքում եւս հայերի դէմ կատարուող ոճրագործութիւնները ժխտելու մէջ ներգրաւել են նաեւ արտասահմանցիներին, ի մասնաւորի գերմանացիներին[12]:

Ուշագրաւ է հեղինակի կողմից արուած այն նկատառումը, թէ Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի մամուլն ուսումնասիրելիս կարելի է հանդիպել «թուրքական ժխտողականութեան գրեթէ այն բոլոր թեզերին, որոնք լայնօրէն կիրառուել են նաեւ հետագայում»[13]: Ըստ Մարի Յովհաննիսեանի դիտարկման, «Աւելի՛ն, այդ թեզերն առաջ քաշելիս գործի են դրուել ժխտման այն նոյն մեթոտները, որոնք այսօր էլ արդիական են, ինչը մէկ անգամ եւս փաստում է, որ թուրքական ժխտողական քաղաքականութիւնն իր թեզերով եւ կիրառութեան մեթոտներով մեծաւ մասամբ սկզբնաւորուել է հէնց այդ ժամանակահատուածում»[14]:

Երրորդ գլխի երկրորդ ենթագլխում, որը վերնագրուած է «Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը 1965 թ. ի վեր», հեղինակն անդրադառնում է 1965 թ. Հայոց ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցին եւ դրանից յետոյ թուրքական ժխտողականութեան թեմային:

Նոյն գլխի յաջորդ` «Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը գիտական շրջանակներում» վերնագիրը կրող ենթագլխում Մարի Յովհաննիսեանն իրաւամբ նկատում է, որ` «… թերեւս ամենացաւալին պատմութեան եւ իրականութեան խեղաթիւրման ու կեղծարարութեան մէջ ներգրաւուած գիտնականներին եւ նրանց գործունէութեանն անդրադառնալն է»[15]: Յիրաւի, իրական փաստերի կեղծումը հակասում է գիտնականի բուն առաքելութեանը:

Հեղինակը նոյն տեղում կատարում է նաեւ հետեւեալ էական դիտարկումը. «Հայոց ցեղասպանութեան թուրքական ժխտողական քաղաքականութիւնն ի սկզբանէ եղել է մեծածաւալ եւ ընդգրկուն: Սակայն եթէ սկզբնական շրջանում այն հիմնականում եղել է քաղաքական հարց, եւ դրանում ընդգրկուած են եղել հասարակական քաղաքական գործիչները, ապա 1970-ական թուականներից ի վեր ցեղասպանութիւնների ժխտումը ներթափանցեց նաեւ գիտական շրջանակներից ներս: Սա մեծապէս պայմանաւորուած էր նաեւ նրանով, որ այդ շրջանում սկզբնաւորուեց ցեղասպանագիտութիւնը` որպէս առանձին գիտական ճիւղ»[16]:

Ապա Մարի Յովհաննիսեանն անդրադառնում է տուեալ ժամանակաշրջանում Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման գործն ստանձնած որոշ թուրք վայ-գիտնականների եւ արձանագրում. «Այս ամէնում առանցքային էր, անշուշտ, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտմանն ուղղուած աշխատանքների կազմակերպումը թէ՛ գիտական աշխարհում, թէ՛ քաղաքականութեան մէջ: Ահա այս փուլում էր, որ գիտութիւնն ու քաղաքականութիւնը միախառնուեցին: Մէկը միւսին ծառայեցնելով` թուրքական իշխանութիւնները փորձում էին միաժամանակ երկու խնդիր լուծել. նախ պէտք էր ամէն կերպ կանխարգելել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, որին արդէն նպաստում էին տարբեր երկրներում հիմնադրուած եւ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեամբ զբաղուող հասարակական կազմակերպութիւնները, աշխուժ գործունէութիւն ծաւալող համայնքային կեդրոնները, Ողջակիզումի եւ այլ ցեղասպանութիւնների ուսումնասիրութեամբ զբաղուող, գիտական համաժողովները կազմակերպող եւ գիտական ու հանրամատչելի աշխատանքներ հրատարակող հաստատութիւններ, որոնք իրենց գործունէութեամբ լուրջ դերակատարում էին փորձում ունենալ նաեւ խնդրոյ առարկայ հարցերի առնչութեամբ քաղաքական որոշումների կայացման գործընթացների վրայ: Երկրորդ` պէտք էր խոչընդոտել Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի բարձրաձայնումը գիտութեան եւ կրթութեան մէջ` այս թեմայով ուսումնասիրութիւնների խափանման, գիտաժողովներում այս թեմայով զեկուցումների արգելման, կրթական հաստատութիւնների ուսումնական ծրագրերում թեմայի վերաբերեալ դասաժամերի բացառման միջոցով»[17]:

Ինչպէս նշում է հեղինակը, «1980-ականներին սկսուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման արշաւը դէպի գիտական աշխարհ ժամանակի ընթացքում աւելի սաստկացաւ, մէկը միւսի յետեւից սկսեցին տպագրուել թուրքական ժխտողական թեզերով լի հատորեակներ»[18]:

Անդրադառնալով վերջին տասնամեակներին` Մարի Յովհաննիսեանը նկատում է. «… Թուրքիայի կառավարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութեան տարածման մէկ այլ` աւելի վտանգաւոր եւ քողարկուած մեթոտ մշակեց եւ կեանքի կոչեց: Սկզբնական շրջանում գիտական աշխարհում թուրքական իշխանութիւնները եւ նրանց ծառայութիւն մատուցող գիտնականները ժխտողական քարոզարշաւը իրականացնում էին թուրքագիտական կեդրոններ հիմնադրելով եւ ակնյայտ ժխտողական թեզեր պարունակող աշխատանքներ տպագրելով, որը կարելի է պայմանականօրէն կոչել «ուղղակի ժխտում»: Սակայն վեջինիս արդիւնաւէտութեան չգոհացնող արդիւնքներն ստիպեցին Թուրքիային մշակել նոր ռազմավարութիւն, որը կարելի է անուանել թուրքական ժխտողական քաղաքականութեան երկրորդ արար կամ «Փլան Բ.»: Համաձայն այս նոր մարտավարութեան, «Թուրքիայի պատմութեան ուսումնասիրման եւ թուրքագիտութեան զարգացման» անուան ներքոյ սկսեցին ֆինանսաւորել արտասահմանեան, մասնաւորապէս ամերիկեան, բուհերում գիտական, հետազօտական աշխատանքներ իրականացնող ուսանողներին եւ գիտնականներին, ովքեր հետագայում պէտք էր շարունակէին իրենց գործունէութիւնը այդ կամ մէկ այլ հեղինակաւոր բուհում կամ գիտահետազօտական կեդրոնում: Այս մարտավարութիւնն, ըստ էութեան, ունի երկու նպատակ. նախ` ամերիկեան բուհերում թուրքագիտութիւնը զարգացնել Թուրքիային յարմար տեսլականով, որում, անշուշտ, առաջնային տեղ է զբաղեցնում ժողովրդավար պետութեան կերպարի ձեւաւորումն ու առանց բռնութիւնների եւ ցեղասպանութիւնների պատմութեան ստեղծումը: Երկրորդ` ընկերային գիտութիւնների ոլորտում մեծացնել թուրքական իշխանութիւնների գաղափարակիրների թիւը, ովքեր տարիներ անց կը դառնան ոլորտի գերակշռող մեծամասնութիւնը եւ այդուհետ անկաշկանդ եւ առանց դժուարութիւնների կը տարածեն իրենց գաղափարները»[19]:

Հեղինակը, նախքան գրքի առանձին ենթագլխում թուրքական ժխտողականութեան հիմնական թեզերին անդրադառնալը, կատարում է հետեւեալ էական դիտարկումը. «Թուրքական ժխտողական քաղաքականութեան մեթոտները թէեւ ժամանակի ընթացքում ենթարկուել են որոշակի փոփոխութիւնների, սակայն թեզերը հիմնական բովանդակութեամբ պահպանուել են: Դրանք արտացոլուել են թէ՛ գիտութեան, թէ՛ հասարակական-քաղաքական հռետորաբանութեան եւ թէ՛ մշակոյթի մէջ»[20]:

Մարի Յովհաննիսեանը իր մենագրութեան երրորդ գլխում մէկ առ մէկ վերլուծում է Հայոց ցեղասպանութեան թուրքական ժխտման հիմնական թեզերը:

Աշխատութեան վերջաբանում հեղինակը շեշտում է. «Պատմութեան եւ իրականութեան հետ կամովի առերեսումն ու դրանից բխող հետեւանքների ինքնակամ վերացումը կարող է իրականում առողջարար ազդեցութիւն ունենալ անցեալի ուրացման մոլուցքով ապրող պետութեան եւ հասարակութեան համար, այն կարող է օգնել վերանայելու աքիլլէսեան գարշապարի վերածուած անցեալն ու նրա մասին յուշերը որպէս ազգային անվտանգութեան եւ ապագայի կայունութեանը սպառնացող երեւակայական վտանգներ ընկալուող սեփական որոշումները»[21]:

Այսպիսով, Մարի Յովհաննիսեանի սոյն մենագրութիւնն ունի գիտական մեծ կարեւորութիւն, քանի որ հեղինակը, հիմնուելով բազմաթիւ արխիւային նիւթերի վրայ, որոնց մի մասն էլ առաջին անգամ գիտական շրջանառութեան մէջ է դրւում հէնց իր կողմից, համակողմանի հետազօտման է ենթարկում Հայոց ցեղասպանութեան պարունակում Թուրքիայի ուրացման քաղաքականութեան ակունքները եւ դրա ժամանակակից դրսեւորումներն ու հետեւանքները: Ցեղասպանագիտութեան մէջ խիստ էական է հեղինակի կողմից առաջ քաշուած նոր թեզը, որի համաձայն, Ցեղասպանութեան ժխտումը երբեմն նախորդում է բուն յանցագործութեանը: Կարծում ենք, որ Մարի Յովհաննիսեանի սոյն արժէքաւոր ուսումնասիրութիւնը էական ներդրում է հայ ցեղասպանագիտութեան մէջ, եւ որ այն պէտք է թարգմանուի ու հրատարակուի նաեւ այլ լեզուներով, առաջին հերթին` անգլերէն եւ թուրքերէն:

Հեղինակի մասին

Մարի Վլատիմիրի Յովհաննիսեանը ծնուել է 1985թ. մարտի 22-ին, Երեւանում: Սկզբնական կրթութիւնն ստացել է Նանսենի անուան համար 150 դպրոցում: 2006 թ. աւարտել է Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան ճիւղը` ստանալով պսակաւորի կոչում, իսկ 2009-2010 թթ. ուսանել է Պուտափեշտի Կեդրոնական եւրոպական համալսարանի (CEU) քաղաքագիտութեան բաժանմունքում եւ ստացել մագիստրոսի կոչում:

2010-2012 թթ. աշխատել է ՀՀ ԳԱԱ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին-հիմնարկում`  որպէս գիտաշխատող: 2016 թ. աշխատանքի է անցել Հայաստանի Ազգային արխիւի գիտահետազօտական բաժնում:

2012 թ. Գերմանիայում անգլերէն լեզուով լոյս է տեսել Մ. Յովհաննիսեանի «Անցեալի եւ ներկայի բախումը. Հայոց ցեղասպանութեան հաւաքական յիշողութիւնը եւ թուրքական ժխտողականութիւնը» մենագրութիւնը:

2014 թ. «Քառնեկի» հետազօտական ծրագրի շրջանակներում հետազօտական աշխատանքներ է կատարել Միացեալ Նահանգների Քլարք համալսարանի Ողջակիզումի եւ ցեղասպանագիտութեան ուսումնասիրութիւնների կեդրոնում:

2014 թ. մասնակցել է «Զօրեան» հիմնարկի եւ Թորոնթոյի համալսարանի կազմակերպած` Ցեղասպանագիտութեան եւ մարդու իրաւունքների համալսարանական դասընթացին: Մասնագիտական վերապատրաստումներ է անցել Հայաստանում, Իտալիայում եւ Սերպիայում:

Մարի Յովհաննիսեանը նաեւ այլ գիտական յօդուածների եւ հրապարակումների հեղինակ է: Նրա գիտական հետաքրքրութիւնները ներառում են ցեղասպանագիտութեան, հակամարտութիւնների, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան հաստատման հիմնախնդիրները յետճգնաժամային եւ անցումային փուլում գտնուող հասարակութիւններում:

————————–

[1] Մարի Յովհաննիսեան, «Ուրացման քաղաքականութեան արմատները, նորօրեայ դրսեւորումները եւ դրանց հետեւանքները», Երեւան, 2017 թ., էջ 6:
[2] Նոյն տեղում, էջ 12:
[3] Նոյն տեղում, էջ 15:
[4] Նոյն տեղում:
[5] Նոյն տեղում, էջ 19:
[6] Նոյն տեղում, էջ 20:
[7] Նոյն տեղում, էջ 27:
[8] Նոյն տեղում, էջ 29:
[9] Նոյն տեղում, էջ 34-35:
[10] Նոյն տեղում, էջ 35:
[11] Նոյն տեղում, էջ 84-85:
[12] Նոյն տեղում, էջ 92:
[13] Նոյն տեղում, էջ 94:
[14] Նոյն տեղում, էջ 94-96:
[15] Նոյն տեղում, էջ 107:
[16] Նոյն տեղում, էջ 107:
[17] Նոյն տեղում, էջ 114-115:
[18] Նոյն տեղում, էջ 122:
[19] Նոյն տեղում, էջ 124-125:
[20] Նոյն տեղում, էջ 129:
[21] Նոյն տեղում, էջ 165:

Առանց Աղմուկի…

0
0

ՊԵՏԻԿ

Մեղրիկ սրբազանը խնդրեց, որ այսպէս ըլլայ վերնագիրս:

Նիւթը` ձեռնարկ մը, որ իր ընթացքով, նպատակով եւ յաջողութեամբ արժանի` աղմկալի ծափահարութիւններու:

Անշուշտ բոլորիս ծանօթ է, որ  մանկապատանեկան երգչախումբը արդարացի վեհափառ կաթողիկոսը մկրտեց «Նարեկացի» անունով եւ մենք զանազան առիթներու հոգեկան այս խոր վայելքը ապրեցանք Անթիլիասի մայրավանքի սուրբ պատարագին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնակատարութեան պատարագին` երբ անմեղ մանուկներուն շրթներէն լսեցինք ս. պատարագի շարականները: Կրնա՞ք երեւակայել, որ ներկաներէն ոմանք այնքան յուզուած արցունք կը սրբէին: Մեղրիկ սրբազանը կրթած եւ մարզած էր այս մանուկներուն երգելու կարողութիւնները, նոյնիսկ անոնց մէջէն ութ տարեկան այն քաղցր տղեկը այնքան յաջող ու անսխալ իր շարականներով մտաւ մեր սրտերուն մէջ:

Այս բոլորին առ ի գնատահանք` սրբազան հայրը այս փոքրիկները եւ աշակերտները, ընդհանուր թիւով 141, հետը ունենալով 52 կամաւոր կապոյտ հրեշտակներ, առաջնորդեց դէպի Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն», մէկ շաբթուան ճամբարի մը, ուր անոնք պիտի ստանային քրիստոնէական դաստիարակութիւն, որուն ընդմէջէն պիտի ստանային բարոյական եւ մարդկային բազմաթիւ արժէքներ` հաճելի, օգտակար եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ:

Հսկայ աշխատանք, որ անկասկած հասաւ իր նպատակին:

Ըսեմ, որ այս ճամբարին մասնակցող փոքրիկներն ու պատանիները անխտիր ընդունուած էին ձրիաբար: Իսկ 52 կամաւոր «Կապոյտ հրեշտակները» ստանձնած էին մասնակցողներուն հոգատարութիւնը:

Սրբազան հայրը այս ճամբարին պիւտճէն ապահոված էր ազնիւ երկու ազգայիններէ: Թերեւս մեր իրականութեան մէջ հազուադէպօրէն կը հանդիպինք այսպիսի իրագործութեան մը:

Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը այս ձեռնարկին յաջողութիւնը կը վերագրէ աղօթքի ուժին: Հոս ես կը տեսնեմ մէկ այլ ուժ, որ թերեւս շատեր չնկատեն, այս ձեռնարկը կատարուեցաւ Կիլիկիոյ թագաւորութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զոյգ դրօշներուն շուքին տակ:

Սրբազա՛ն հայր, դուք ձեր քայլերով լիբանանահայ ժողովուրդը աւելի մօտեցուցիք Կիլիկիոյ Աթոռին ու մեր եկեղեցիին: Իսկ վեհափառ հօր խօսքը` արտասանուած Պիքֆայայի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման ս. պատարագին առիթով, երբ անվերապահօրէն յայտարարեց մեր բոլորին ձգտումը` ունենալու ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, այս բոլորը մեզ աւելի կը մօտեցնեն մեր Մայր Աթոռին ու անոր գահակալին:

 

 

Այլեւս Լռած Է Աշխարհի, Ֆրանսայի Եւ Հայաստանի Խղճի Ձայնը Եղող Շարլ Ազնաւուր

0
0

ՔԵՄԱԼ ԵԱԼՉԸՆ

«Ակունք»-ը թրքերէնէն թարգմանաբար իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութիւնն առաջինը ճանչցած գերմանաբնակ թուրք մտաւորականներէն մէկուն` յայտնի գրող Քեմալ Եալչընի յօդուածը` նուիրուած մեծ շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին:

Անոր մայրը զմիւռնիացի Քնար Պաղտասարեանն էր, հայրը` ախալցխացի Միքայէլ Ազնաւուրեանը: Իսկական անունը Շահնուր Ազնաւուրեան էր: Ծնած է 1924-ին, Փարիզ: Անոր ճակատագիրը կանխորոշած էին իր ընտանիքին, պապերուն գլխուն եկած մեծ ողբերգութիւնները:

Զմիւռնիան  ճանչցած էր մօր պատմածներու յուշերով: Կը խօսէր ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն եւ հայերէն, իսկ թրքերէնը սորված էր մայրիկէն:

Ան աշխարհին կը դիմէր ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն, սպաներէն, գերմաներէն եւ ռուսերէն երգերով: Վաճառուած են անոր 200 միլիոն սկաւառակները, եւ ան խաղցած է 70 ժապաւէնի մէջ:

Մայրը մահացած էր Զմիւռնիոյ հանդէպ կարօտով: Շահնուրը եւս, մօր նման, չկրցաւ Զմիւռնիա երթալ: Անոր ամենամեծ իղձերէն մէկն էր` Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ բարեկամութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատուի եւ Կարս-Գիւմրի սահմանադուռը բացուի: Մեր աշխարհէն հեռացաւ այդ կարօտը սրտին մէջ, եւ այդ իղձը` չիրականացած:

Ֆրանսայի քաղաքացի դարձաւ: Ֆրանսացիները անոր Շարլ անունը տուին: 1988-ին Հայաստանի Գիւմրի քաղաքին մէջ ուժգին երկրաշարժ եղած էր: Քարը քարին չէր մնացած: 30 հազար մարդ զոհուած էր: Ողջ աշխարհը Հայաստանին օգնութեան ձեռք մեկնեց: Ամենակարճ ճանապարհը Կարսէն գացողն էր, սակայն Թուրքիան Կարսի սահմանադուռը փակե՛ց: Թուրքիան թոյլ չտուաւ, որ երկրաշարժէն տուժածներուն օգնութիւն հասցնողները անցնին այնտեղով:

Շահնուր Ազնաւուրեանը հիմնեց «Ազնաւուրը Հայաստանի համար» հիմնադրամը եւ ջանաց իր ամբողջ հնարաւորութիւնները ուղղել երկրաշարժէն տուժածներու վէրքերը ապաքինելու: Իր այդ ջանքերուն համար Հայաստանի կառավարութիւնը 2004-ին անոր շնորհեց «Հայաստանի Ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչումը, իսկ Գիւմրի քաղաքի կեդրոնը տեղադրուեցաւ Ազնաւուրին արձանը:

2008-ին անոր Հայաստանի քաղաքացիութիւն շնորհուեցաւ: 2009-ին Ազնաւուրը նշանակուեցաւ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ ու լիազօր դեսպան եւ այդ տարիէն սկսած ան դարձաւ նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ:

Հայ ժողովուրդը, ի նշան երախտագիտութեան անոր կամաւոր աջակցութեան, Երեւանի մէջ գտնուող Քասքատի բարձրունքին  տուն մը նուիրաբերեց անոր: Ազնաւուրը իր այդ տան դռները բացաւ Սուրիոյ պատերազմէն փախած ու Հայաստան փախստականի կարգավիճակ ապրող սուրիահայերուն դիմաց:

Ազնաւուրը կը ցանկար, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան հարցը լուծուի` բանական, տրամաբանական եւ պատմական փաստերու քննական լոյսին ներքեւ: Ան շատ ջանքեր գործադրեց ատոր ուղղութեամբ: 2011-ին իր հրատարակած գիրքին մէջ գրեց. «Ցեղասպանութիւն բառը սկսած է անհանգստացնել զիս, ես վրէժխնդրութեան զգացում չեմ տածեր Թուրքիոյ նկատմամբ»:

Շարլ Ազնաւուրը աշխարհի, Ֆրանսայի, Հայաստանի խիղճն էր: Ան նաեւ իմ զմիւռնիացի համերկրացին էր: Յարգանքով կը խոնարհիմ անոր յիշատակին առջեւ: Աստուած հոգին լուսաւորէ: Կը ցաւակցիմ Ֆրանսային եւ Հայաստանին:

 

 

Շարլ Ազնաւուրի Հետ

0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Շարլ Ազնաւուրի մասին շատ խօսուած ու մելան հոսած էր իր կենդանութեան: Շատ խօսուեցաւ ու գրուեցաւ, նաեւ` յետմահու:

Գովաբանական խօսքերն ու գրութիւնները բազմաթիւ ըլլալով հանդերձ, ամբողջական չեն կրնար ըլլալ: Տակաւին այնքա՜ն գրելիք կայ իր մասին:

Այս քանի մը տողերուս մէջ, եթէ խօսիմ իր արուեստի մասին, վստահաբար նորութիւն մը տուած պիտի չըլլամ: Փոխարէնը` պիտի ջանամ քանի մը  յիշատակներով վերյիշել այն օրերը, երբ պատիւն ու բախտը ունեցայ 10 օրեր վայելելու իր ներկայութիւնը: Մօտէն ծանօթացայ  անձի մը հետ, որուն համար շա՜տ շատեր երանի պիտի տային ինծի: Այո՛, բախտաւոր էի` աւելի քան շաբաթով մը «գործակցելով» Ազնաւուրի նման հանճարեղ տաղանդի մը հետ:

Կարելիութեանս սահմաններուն մէջ` պիտի ջանամ վերյիշել այդ անմոռանալի օրերը:

Թորոս Սիրանոսեանի հետ

Շարքը երկար է Լիբանան հրաւիրուած, միջազգային համբաւի տիրացած երգիչներուն, որոնց երգահանդէսներուն քանի մը երգերով բացումը կատարելու առիթը տրուած էր մեզի «Էփի քլապ»-ի սեփականատէր, հայազգի Թորոս Սիրանոսեանը, որ դժբախտաբար ո՛չ իսկ մէկ բառ հայերէն կը խօսէր:

Յիշողութենէս հեռացած են այդ արուեստագէտներէն շատերու անունները: Մաս կը կազմէինք իրենց յայտագիրներուն եւ… այդքան: Ո՛չ մէկ յիշատակելի դէպք, սակայն այդ տաղանդաւոր արուեստագէտներուն մէջ իւրայատուկ անձնաւորութիւն մըն էր Շարլ Ազնաւուր: Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ այդ 10 օրերը, երբ բախտը ունեցանք մօտէն ծանօթանալով` վայելելու իր ներկայութիւնը:Արժանացանք իր հայրական խրատներուն: Մեզի հանդէպ տարբեր սէր ու գուրգուրանք ցուցաբերեց, երբ իմացաւ, որ հայ տղոցմէ կազմուած նուագախումբ մըն ենք: Հայկական անուններ կը կրենք, իրարու հետ հայերէն կը խօսինք:

***

Շարլ Ազնաւուր առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուած էր Լիբանան` երգահանդէսներու շարք մը տալու նախ «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի բացօթեայ պարտէզին մէջ (Ճաշկերոյթ), իսկ 10 յաջորդական օրեր` Լիբանանի գեղատեսիլ գիւղերէն մէկուն մէջ գտնուող «Տէյր էլ քալաա» վանքի պարտէզին մէջ, որ վերածուած էր բացօթեայ հանդիսասրահի մը:

Շատ ունկնդրած էի իր երգերը: Գիտէի, որ հայ է, սակայն շատերու նման` «ֆրանսացած» հայ կը կարծէի: Վստահ չէի` հայերէն կը հասկնա՞յ, կամ կը խօսի՞ իր մայրենիով:

Այդ օր, ամէն բանէ աւելի, զիս տպաւորեց իր պաղարիւնութիւնը չկորսնցնելը:

Պատմեմ:

Ճաշկերոյթ-երգահանդէսը սկսելէն կարճ ժամանակ ետք ձայնի սարքաւորումը խանգարում մը ունեցաւ եւ բարձրախօսներէն քանի մը հատը դադրեցան աշխատելէ: Նման դէպք պատահած է մեզի հետ, եւ մենք  խուճապի մատնուած` ձախող ելոյթ մը ունեցած ենք այդ օր: Պարագան բոլորովին տարբեր էր Ազնաւուրին հետ: Կարծես` ոչինչ պատահած ըլլար: Շարունակեց երգել: Ամբողջացուց իր երգացանկը մինչեւ որոշուած դադարի ժամանակը: Մօտեցաւ ձայներու պատասխանատուին եւ ջղայնանալու կամ բարկանալու փոխարէն` ժպտաց. «Ժամանա՞կը գտաւ խանգարուելու», ըսաւ ու հեռացաւ: Աւելորդաբանութիւններու կարիքը չզգաց` յիշեցնելու, որ կարելի եղածին չափ շուտ նորոգէ: Գիտէր, որ պատասխանատուն այդ մէկը պիտի կատարէր, ինք յիշեցնէր կամ ոչ:

Ճաշկերոյթը սկսած էր մեր նուագախումբին երգերով: Առիթ մը, որ ներկաները կարենան ընթրել: Ազնաւուր «կեր ու խումի» երգիչ չէ: Ունկնդրութեան երգիչ է: Ճիշդ չէ, որ Ազնաւուրի նման արուեստագէտի մը երգած ժամանակ ներկաները ընթրեն: Սկզբունքով այդ օրուան մեր յայտագիրը աւարտած էինք, սակայն դարձեալ բեմ բարձրացանք` առիթ տալու, որպէսզի կարենան լուծել չսպասուած խանգարումը:

Կարճ ժամանակ ետք ամէն ինչ կարգին էր: Կրկին բեմ բարձրացաւ Ազնաւուր վստահաբար ուրախացնելով ներկաները, որոնք եկած էինք վայելելու Շարլ Ազնաւուրը, եւ ո՛չ թէ մեզ: Մեզի վստահուած էր միայն իր «բացը գոցել»: Ո՛չ աւելի:

***

Յաջորդող օրերուն, երգահանդէսներու շարք մը «Տէյր էլ քալաա»-ի վանքի բացօթեայ շրջափակին մէջ: Այդ օրերուն էր, որ մօտէն ծանօթացանք Շարլ Ազնաւուրին: «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի ելոյթին, նոյնիսկ իրեն մօտենալու առիթը չէինք ունեցած:

Ելոյթները սկսելէն ժամեր առաջ կ՛երթայինք «Տէյր էլ քալաա»: Մեզ նման կանուխէն ներկայ կ՛ըլլային Շարլ Ազնաւուր, իր շատ երիտասարդ կողակիցը եւ 2 կամ 3  տարեկան աղջնակը, եւ բնականաբար` իրեն ընկերակցող նուագախումբի անդամները:

Ամէն օր, նախքան ելոյթները, կը բարձրանար բեմ, եւ քանի մը երգերով կ՛ուզէր վստահ ըլլալ, որ ամէն ինչ կարգին է, ու ապա կ՛անցնէր վանքի երկար միջանցքներուն մէջ, եւ ինքնիրեն բարձրաձայն խօսելով կ՛երթա՜ր ու կու գար: Բնականաբար չէինք մօտենար իրեն եւ տեղեակ չէինք, թէ ինքզինքին ի՞նչ «կը պատմէր»: Քանի մը օր ետք, երբ արդէն իրարու ծանօթացած ու «մտերիմներ» դարձած էինք, մեր նուագախումբին երգիչը` Միմոն, համարձակութիւնը ունեցաւ հարցնելու «մենախօսութեան» մասին:

«Նախ` կոկորդս կը «բանամ», ապա` ժողովուրդին հետ հաղորդակից դառնալու խօսքերուս փորձը կ՛ընեմ»:

Իր ելոյթներու օրերուն չպատահեցաւ, որ իր նախորդող օրերու խօսքերէն մէկը դարձեալ կրկնէր: Ամէն օր նորութիւն մը ունէր տալիք հանդիսատեսներուն, յաճախ` համեմուած տարբեր հիւմուրով մը: Վստահաբար շատեր դարձեալ ներկայ կ՛ըլլային: Չէր ուզեր միեւնոյն խօսքերով «ձանձրացնել» ներկաները: Յաճախ կը փոխէր նաեւ երգացանկին շարքը: Դէմ էր միօրինակութեան:

Սահուն հայերէն կը խօսէր, եւ իրեն հետը բնա՛ւ ֆրանսերէն չխօսեցանք: Իրարու հետ մեր խօսակցութիւնը մեր մայրենիով էր, որուն համար ակներեւ էր իր ուրախութիւնը: Կը զգայինք, որ հաճոյքով կը խօսէր մեզի հետ, սակայն երբ իր նուագախումբի անդամներէն մէկը կամ միւսը ներկայ ըլլար, խօսակցութիւնը անմիջապէս կը փոխէր ֆրանսերէնի:

Իր նուագախումբին դաշնակահարը ծագումով լիբանանցի էր: Ռապպաթ էր մականունը: Փորձեցինք քանի մը բառ  հետը խօսիլ ի՛ր մայրենիով: Ո՛չ իսկ մէկ արաբերէն բառ գործածեց: Մեզի համար յստակ չէր, անծանօ՞թ էր արաբերէնին,  թէ՞ պարզապէս չէր ուզեր գործածել իր մայրենի լեզուն, մինչ Ազնաւուրի համար հաճոյք էր հայերէն խօսիլը, երբ շրջապատուած էր հայերով:

Տակաւին անձնական յօրինումներ չէինք ձայնագրած: Մեր երգացանկը ֆրանսացի կամ ամերիկացի հանրածանօթ մեկնաբանողներու երգերով լեցուն էր, եւ մեր նուագախումբին երգիչը` Միմոն, յաջող կերպով կը մեկնաբանէր այդ երգերը, եւ կարելի եղածին չափ իր ձայնը կը փորձէր նմանցնել այդ երգիչներուն:

Շարլ Ազնաւուր նկատած էր այդ մէկը.

«Դուն պէտք է ըլլաս քո՛ւ անձդ: Պէտք է ունենաս երգելու քո՛ւ անձնական ոճդ, որպէսզի ունենաս քո՛ւ անհատականութիւնդ: Ուրիշին կապկելը հեշտ է: Ամենադժուարը` անձնական ոճ մը ունենալն է»:

Համերգներուն բացումը կը կատարէինք քանի մը երգերով, եւ մեր երգացանկին մէջ ունէինք ՄԻԱՅՆ մէկ հայերէն երգ, եւ այդ մէկը մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէր ներկայ հանդիսատեսներուն մէջ, ինչ որ մտածել կու տար, որ մեծ թիւով հայեր եկած էին վայելելու հայազգի մեծ արուեստագէտը:

«Ils sont tombés»եւ «Pour toi Arménie» երգերը տակաւին չէին ձայնագրած, սակայն կը զգայինք, որ հոգիով իսկական հայ մըն է Ազնաւուր: Անգամ մը անդրադարձաւ, որ իրեն համար հաճելի էր հայերէն երգեր ունկնդրելը:

***

Քաթիա Ազնաւուր

Ամէն օր, ելոյթէն առաջ, փորձի ժամանակ, խօսափողը փոքրիկ աղջնակին ձեռքը տալով` կ՛ըսէր` «Chante ma poule, chante». (երգէ աղաւնեակս, երգէ):

Օր մը մօտեցայ եւ հարցուցի. «Պր. Ազնաւուր, երբ ձեր աղջիկը մեծնայ, արդեօք պիտի փափաքէի՞ք, որ երգչուհի դառնայ»:

«Եթէ կարողութիւնը ունի, ինչո՞ւ ոչ», եղաւ պատասխանը:

Այդ թուականէն տարիներ ետք Լոս Անճելըսի մէջ Ազնաւուրի երգահանդէսին ներկայ էի կնոջս հետ: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին` նո՛յն հարուստ ձայնը: Բացառիկ նուագախումբ եւ քանի մը երգչուհիներ կ՛ընկերանային իրեն: Ժամանակն էր ներկայացնելու նուագախումբի անդամներն ու իրեն ընկերակցող երգչուհիները, երբ յանկարծ… Քաթիա Ազնաւուր… Անմիջապէս քանի մը տասնամեակ ետ գացի եւ յիշեցի փոքրիկ աղջնակը, որ մեծցեր է եւ հօրը կ՛ընկերակցի: Յիշեցի Ազնաւուրին խօսքերը. «Եթէ կարողութիւնը ունի, ինչո՞ւ ոչ»…

Ամէն անգամ, երբ ունկնդրեմ Շարլ Ազնաւուրի «Տէյր էլ քալաա» վանքի մէջ մեկնաբանած երգերէն մէկը կամ միւսը, ինքնաբերաբար մտովի կը վերադառնամ այդ վայրը, ուր 10 օր վայելեցինք Ազնաւուրին ներկայութիւնը, իր սքանչելի երգերը: Կը մտաբերեմ այդ մշուշոտ երեկոները,երբ այն տպաւորութիւնը կ՛ունենայինք, որ Շարլ Ազնաւոր կ՛երգէր ամպերու մէջէն: Այժմ վերջնականապէս մեկնած է ամպերէն վեր, դէպի երկնային արքայութիւն:

Երբ ոեւէ անձ մահանայ, սովորութիւն դարձած է ըսել` «Վերջնականապէս լռեց իր ձայնը», սակայն այդ խօսքերը չեն համապատասխաներ Շարլ Ազնաւուրին: Իր ձայնը «Անլռելի զանգակատուն մըն է»: Ինչպէս մենք, այնպէս ալ մեզի յաջորդող սերունդները պիտի շարունակեն ըմբոշխնել աստուածատուր այդ ձայնը, այդ աներեւակայելիօրէն գեղեցիկ բանաստեղծութիւնները, որոնք միաժամանակ կեանքի հոգեբանական վերլուծումներ են:

Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, երգահանդէսներու ժամանակ, իրենց ծափահարութիւններով շատ յաճախ յոտնկայս իրենց գնահատանքն ու սէրը արտայայտեցին, իսկ ներկայիս տասնեակ հազարաւոր մարդիկ հաւաքուած են իրենց յարգանքի վերջին տուրքը տալու  այդ «Փոքր հսկային»:

Կոմիտաս հեռացաւ այս աշխարհէն մօտ 83 տարիներ առաջ սակայն իր երգերը նոյն թափով կը շարունակենք ունկնդրել: Նոյնն է պարագան Ազնաւուրի: Իր երգերը յաւերժական են: Անցեալն են, ներկան ու նաեւ` ապագան:

Շատեր Շարլ Ազնաւուրի մասին կ՛ըսեն, որ 100 տոկոս ֆրանսացի է, նաեւ` 100 տոկոս հայ:

Ազնաւուր 100 տոկոս ֆրանսացի երգիչ է, սակայն իբրեւ անհատ` Վաղինակ Ազնաւուրեանը 100 տոկոս ՀԱՅ է:

Անոր ո՛չ մէկ կասկած:

Ննջէ հանգիստ, սիրելի՛ Շարլ Ազնաւուր: Քեզի նման արուեստագէտները չեն մահանար:

Կ՛ԱՆՄԱՀԱՆԱՆ:

Լոս Անճելըս, 2018

 

 

 

Անկրկնելի Առասպելը Հեռացա՜ւ

0
0

ՔԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ
Ապագայ լրագրող

Ու մահուան դառն կենացը ա’ն ալ խմեց… ու հեռացա՜ւ… անվերադարձ:

Ցեղասպանութենէ ճողոպրած համեստ ընտանիքի զաւակ` Շահնուր Ազնաւուրեան ծնած է Ֆրանսա, 22 մայիս 1924-ին: Արուեստի կեանքին ծանօթանալով` ինն տարեկանին կը հեռանայ դպրոցէն եւ յաջորդող տարիներուն բեմեր բարձրանալով, շուտով կը կրէ Շարլ Ազնաւուր բեմական անունը:

Ազնաւուր համաշխարհային հռչակ կը ստանայ 1956-ին, Փարիզի «Օլիմփիա» դահլիճի յաջող ելոյթէն ետք: Այս յաջողութեան անդրադառնալով` ֆրանսական մամուլը կ՛արձագանգէ հետեւեալ կերպով. «Ֆրանսան ազնաւուրացուած է»: Ան կը դառնայ շուրջ հազար երգի հեղինակ (մէկ մասը` երգահան Ժորժ Կառվարենցի հեղինակութեամբ) եւ կ՛արձանագրէ աւելի քան 1200 երգ:

ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ, երգահան, գրող եւ դերասան Ազնաւուրը իւրայատուկ էր

ձայնով, որ կը զատորոշուի բոլոր այլ ձայներէն: Ան արուեստագէտ չէր միայն… ան մարդկային իրաւանց հսկայ պաշտպան էր: Քաղաքական ներկայացուցիչ ըլլալէ անդին` Ազնաւուր հասարակական գործիչ էր, ինչպէս նաեւ` լռելեայն բարերար: Աւելի՛ն. ան հռչակուած է Հայաստանի Ազգային հերոս:

Ազնաւուր ֆրանսացի էր, այո՛, սակայն ան երբեք մոռցած չէր իր հայ ըլլալը: Ըստ իրեն, ինք հարիւր տոկոս ֆրանսացի եւ հարիւր տոկոս հայ էր: Անոր երակներուն մէջ հոսող հայկական սուրբ արիւնը զայն կապած էր Հայաստանին ու հայութեան: «Անոնք ինկան» իր երգով Ազնաւուր միջազգային բեմ բարձրացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ 1988-ին Հայաստանը ցնցող երկրաշարժի զոհերուն նուիրեց «Քեզի համար Հայաստան» փշաքաղիչ երգը:

Ազնաւուր երգեց մինչեւ վերջին շունչ… անոր երազն էր բեմ բարձրանալ մինչեւ իր 100-ամեակը, որովհետեւ ան կը հաւատար, որ միշտ տալիք ունի:

Շարլ Ազնաւուրը ոչ եւս չէ՛: Շարլ Ազնաւուրը 1 հոկտեմբեր 2018-ին` անմահացաւ: 94-ամեայ հայազգի անկրկնելի առասպելը մարդակային պատմութեան մէջ ոսկեայ տառերով կնքեց իր անունն ու մարդկութեան կտակեց անգին ժառանգ: Ան իր 80-ամեայ գործունէութեան ընթացքին երգեց սէր, երգեց կսկիծ, երգեց երջանկութիւն ու կարօտ: Անոր ֆիզիքական կորուստը համամարդկային կորուստ է, որովհետեւ ան կը ներկայացնէ համամարդկային արժէք:

Ուստի, վարձքդ կատար, սիրելի՛ Ազնաւուր: Թէեւ մարմնապէս հեռացար մեզմէ, սակայն ետիդ ձգեցիր մարդու հսկայ տիպար` արժանանալով պատմական անմահութեան:

 

 

Viewing all 12041 articles
Browse latest View live