Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12090 articles
Browse latest View live

Մենատիրութեան Էրտողանեան Նորագոյն Դրսեւորումը Մեծ Հարցականներ Կը Գծէ

$
0
0

Ա. Ա.

Թուրքիոյ Բարեկեցութեան հիմնադրամը վերածուեցաւ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի միահեծան իշխանութեան նորագոյն լծակին, երբ նախագահական հրամանագրով մը ան ինքզինք հիմնադրամին նախագահը հռչակեց, իսկ ելեւմուտքի նախարար Պերաթ Ալպայրաքն ալ` իր փոխանորդը: Ալպայրաք Էրտողանի փեսան է եւ կը համարուի ուժեղագոյն անձնաւորութիւնը Թուրքիոյ մէջ` Էրտողանէն ետք:

Թուրքեւամերիկեան տագնապի ենթահողին վրայ օրէ օր առաւել խորացող տնտեսական տագնապ դիմագրաւող Թուրքիոյ նախագահը Բարեկեցութեան հիմնադրամը, որ շուրջ յիսուն միլիառ տոլարի կարողականութիւն ունի, այսպիսով ենթակայ կը դարձնէ իր հայեցողութեամբ կիրարկուելիք ծրագիրներու ֆինանսաւորում հայթայթելու հզօր միջոցի մը, որուն կարիքը զգացուեցաւ երկու տարի առաջ` զինուորական յեղաշրջման ձախող փորձէն ետք ստեղծուած քաոսին մէջ, երբ քաղաքական-ապահովական զարգացումները սակարանին մէջ վերիվայրումներ պատճառեցին եւ պետական պարտատոմսերուն արժէքը նուազեցուցին:

Օրին Էրտողանի հրահանգով Բարեկեցութեան հիմնադրամին փոխանցուեցան եւ անոր տնօրինման վստահուեցան Թուրքիոյ մեծագոյն ընկերութիւններուն բաժնետոմսերը` երկրին ելեւմտական կարողականութիւններուն մէկ կարեւոր համեմատութեան վրայ ամբողջական հակակշիռ հաստատելու ճիգով մը:

Բարեկեցութեան հիմնադրամին կը պատկանին` Թուրքիոյ օդանաւային ընկերութիւնը, հեռաձայնի հաստատ գիծերը բանեցնող «Թուրք թելեքոմ»-ը, քարիւղի եւ բնական կազի մղման եւ խողովակաշարերու տնօրինման ընկերութիւնները, պետական երկաթուղին եւ մեծ այլ ընկերութիւններ, որոնց շարժուն եւ անշարժ գոյքերուն, դրամագլուխներուն եւ բաժնետոմսերուն վրայ ամբողջական հակակշիռը կը պատկանի Ռեճեփ Էրտողանի:

Խորքին մէջ մենատիրական ցայտուն այս քայլը կը կատարուի այնպիսի պահու մը, որ կրնայ շահարկուիլ Էրտողանի քլանին կողմէ, ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ դէմ հաստատուած տնտեսական բաւական ծանր պատժամիջոցներուն դէմ պայքարելու քայլերու, որոնց ծածկին տակ ահա նման ինքնանշանակում մը կու գայ առաւել հաստատելու Արեւմուտքին այն տեղին մտավախութիւնները, որ Էրտողան մենատիրութեան ձգտումներ ունի եւ կը ջանայ երկաթեայ բազուկով մը կառավարել Թուրքիան:

«Բարեկեցութեան հիմնադրամը այսուհետեւ պետական եկամուտներու հոսքի ուղղութիւն պիտի տայ եւ երկրին ու ժողովուրդին բարօրութեան նպաստող ծրագիրներու գործադրութիւնը պիտի ղեկավարէ», կ՛ըսուի Էրտողանի միջավայրին մօտիկ ելեւմտագէտներու կողմէ, որոնք սակայն չեն թաքցներ իրենց որոշ մտահոգութիւնները, որ տնտեսական ծանր պատժամիջոցներ դիմագրաւող, ինչպէս նաեւ տնտեսական սուր տագնապի մը բոլոր ազդեցութիւնները ապրող Թուրքիոյ տնտեսութեան վերաշխուժացման նպաստող քայլ մը չի համարուիր Էրտողանին այս որոշումը, որ նաեւ պետական աղբիւրները կրնայ անուղղակիօրէն շահագործել` ընտրական յաղթանակներ ապահովելու համար: Եթէ, օրինակի համար, ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան ամրոցներէն կարեւորագոյնին` Զմիւռնիոյ կամ Պուրսայի մէջ պետական ծրագրով կատարուելիք բարգաւաճման աշխատանքներ կատարուին, անոնք կրնան ընտրողներուն վրայ անուղղակի ճնշման միջոցներու վերածուիլ, որպէսզի ընտրութեան պատկերը փոխուի, եւ ձայներու որոշ համեմատութիւն մը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածուներուն ուղղուի: Ամէն ինչ, այս իմաստով, կախեալ է Էրտողանի որոշումներէն: Ասիկա է, որ մտահոգութիւններու եւ դժգոհութիւններու առիթ կու տայ:

Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին դժուարութիւնները նկատի ունենալով` Էրտողանի իւրաքանչիւր քայլ, որ կ՛առնուի հեղինակութիւնը, ուժն ու ազդեցութիւնը առաւել ամրապնդելու համար, մտածել կու տայ, որ անոր մենատիրութեան դէմ պայքարելու լծակները օրէ օր աւելի կը յափշտակուին ընդդիմութեան ձեռքերէն, որ այլեւս նախկին օրերու ուժեղ աշխարհիկ կարգերու պաշտպան շրջանակներու հաստատուն համակարգը չէ: Թուրքիոյ մէջ յստակ է, որ իսլամական հանրապետութեան մը դրոյթներու ամրացման հոլովոյթ մը սկսած է, եւ որ երկրին ներքին եւ արտաքին խնդիրներուն լուծման իրեն յատուկ հայեցողութիւնները ունի: Մօտեցումներ, որոնցմէ մին Բարեկեցութեան հիմնադրամին վրայ ամբողջական հակակշիռ հաստատելու Էրտողանին քայլն էր: Յառաջիկային ասոր ուղղուած քննադատութիւններն ալ ոչինչ պիտի կարենան փոխել:

 


Մոհամետ Մարգարէին Քիչ Ծանօթ Հրովարտակը` Տրուած Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքին

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Տարիներ շարունակ լսած էի, որ գրաւոր հաղորդակցութիւն եղած է Մոհամետ մարգարէին եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան միջեւ, սակայն ոչ մէկ փաստաթուղթ տեսած էի այդ մասին:

Երկու ամիս առաջ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կարդացի տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի (Մոնրէալ, Քանատա) գրած հետաքրքրական յօդուածը, ուր ան բացայայտած էր Մոհամետ մարգարէին եւ Երուսաղէմի այդ օրերու հայոց պատրիարքին ու անոնց յաջորդներուն միջեւ հաղորդակցութեան մանրամասնութիւնները:

Տոքթ. Հարպոյեանը նշած էր իր աղբիւրները` Կրեկորի Գրիգորեանի «Հայկական ասեղի անցքով» գիրքը` հրատարակուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ, 2002 թուականին: Գրիգորեանը յայտարարած էր, որ իր գիրքը Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին կողմէ 1931-ին հրատարակուած Տիգրան Սայալանեանի 1385 էջնոց «Երուսաղէմի պատմութիւն» երկհատորեակին անգլերէն թարգմանութեան ամփոփ պատմութիւնն է: Տոքթ.  Հարպոյեանը նաեւ նշած էր, որ ինք վերջերս տեսած է Պեզալել Նարկիսի, Մայքլ Է. Սթոնի եւ Աւետիս Սանճեանի հեղինակած «Երուսաղէմի հայ արուեստի գանձերը» գիրքը` հրատարակուած Նիւ Եորքի մէջ, 1979 թուականին, որ կը ներառէր հայոց պատրիարքութեան տրուած Մոհամետ մարգարէին հրովարտակը:

Հայոց պատրիարքարանը Երուսաղէմի մէջ հիմնադրուած է մօտաւորապէս 2000 տարի առաջ: 301 թուականին, քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք, մեծ թիւով հայեր ուխտագնացութիւն կատարած էին դէպի Երուսաղէմ: 420 թուականին անոնք կառուցած էին Սուրբ Յակոբ միաբանութեան մէկ մասը: Վեցերորդ դարուն հայերը Երուսաղէմի մէջ արդէն կառուցած էին 66 կրօնական հաստատութիւններ:

626 թուականին Երուսաղէմի հայոց Աբրահամ պատրիարքը, տեսնելով իսլամութեան ընդլայնման եւ նուաճման վտանգները, 40 նշանաւոր հայերէ կազմուած պատուիրակութեան մը հետ մեկնած է Մեքքա իսլամական սուրբ քաղաքը` Մոհամետ մարգարէին հետ տեսակցելու եւ անոր պաշտպանութիւնը ապահովելու համար:

Տոքթ. Հարպոյեանը տեղեկացուցած է, որ մարգարէն հայ հիւրերը ընդունած էր սիրով, յարգանքով եւ ազնուութեամբ ու լսած` Աբրահամ պատրիարքին առաջարկները: Հայկական պատուիրակութիւնը յայտնած էր իր հպատակութիւնը մարգարէին, անոր հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւնը եւ խնդրած էր անոր պաշտպանութիւնը:

Հանդիպման աւարտին Մոհամետ մարգարէն հրապարակած է հրովարտակ, ուր կ՛ըսուէր. «Ես` Մոհամետ, որդի Ապտուլլահի, մարգարէ եւ առաքեալ Աստուծոյ, կը յարգեմ Աբրահամ պատրիարքը, կը պատուեմ զինք եւ Երուսաղէմի, Դամասկոսի ու Արաբիոյ շրջակայ վայրերու բոլոր արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսները եւ քահանաները, այլ խօսքով` այն ժողովուրդները, որոնք ենթակայ են Երուսաղէմի, այսինքն` եթովպիացիները, ղպտիները եւ ասորիները: Կը ճանչնամ եւ կ՛երաշխաւորեմ անոնց վանքերը, եկեղեցիները, կրթութեան կեդրոնները, կալուածները եւ հողերը: Ես` Մոհամետ մարգարէն, Աստուծոյ եւ իմ շուրջ գտնուող 30 անձերու վկայութեամբ, կը շնորհեմ իմ հովանաւորութիւնը եւ պաշտպանութիւնը եւ կը բաժնեմ իմ ողորմութիւնը հայոց եկեղեցիներուն, ուր որ ալ գտնուին անոնք` Երուսաղէմի ամբողջ տարածքին, Քրիստոսի սուրբ գերեզմանին, Սուրբ Յակոբ եկեղեցիին, Բեթղեհէմի եկեղեցիին, բոլոր աղօթատեղիներուն, մենաստաններուն, Գողգոթայի ճամբուն եւ սրբատեղիներուն մէջ: Նաեւ կ՛ապահովեմ եւ կը վստահեցնեմ, որ իմ պաշտպանութիւնը կը տարածուի նաեւ քրիստոնեայ բլուրներու, հովիտներու եւ քրիստոնեաներու եկամուտի հաստատութիւններու վրայ: Այս բոլորը կը յայտարարեմ իմ մարգարէի անունով եւ իմ հաւատացեալ մահմետականներուն անունով»:

Մոհամետ մարգարէն յանձնարարած էր իր հետեւորդներուն` յարգել իր հրովարտակը եւ գործադրել անոր բոլոր մանրամասնութիւնները: Այդ հանդիպման ներկայ էր Խաթապի որդի Օմարը, որ յաջորդեց մարգարէին եւ հրատարակեց նոյնանման հրովարտակ մը` հաստատելով մարգարէին հրովարտակը:

Այսպիսով, մարգարէին հրովարտակը դարձաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան կարգավիճակը հաստատող առաջին պաշտօնական փաստաթուղթը: Ցաւօք, հրովարտակին բնագիրը գոյութիւն չունի պատրիարքարանի արխիւին մէջ: Սակայն այս հրովարտակի դեղնաւուն պատճէնը կը գտնուի պատրիարքարանի «Մարտիկեան» թանգարանին մէջ:

634 թուականին, երբ Օմար ստանձնեց խալիֆայութիւնը, ան Ապու Օպէյտը նշանակեց բանակի հրամանատար: Ապու Օպէյտի զօրքերը յարձակեցան Դամասկոսի եւ Երուսաղէմի վրայ: Յունաստանի պատրիարք Սոֆրոնիոս եւ հայոց պատրիարք Գրիգոր տեսակցեցան Ապու Օպէյտի հետ եւ տեղեկացուցին անոր, որ Երուսաղէմի գրաւումը կ՛առաջացնէ Աստուծոյ զայրոյթը, քանզի Երուսաղէմը սուրբ քաղաք է: Ապու Օպէյտ հաղորդեց Օմար խալիֆային` երկու պատրիարքներուն հետ իր ունեցած տեսակցութեան մասին: Օմար անձամբ եկաւ Երուսաղէմ: Յոյն պատրիարքին եղբայրը տեսակցեցաւ Օմարին հետ եւ յիշեցուց  անոր Մոհամետ մարգարէի հրովարտակին մասին: Այնուհետեւ Օմարը իր հրովարտակը հրապարակեց եւ հաստատեց մարգարէին հրովարտակը: Օմար իր հետեւորդներուն հետ մտաւ Երուսաղէմ, այցելեց կրօնական վայրերը եւ առաջարկեց մզկիթ կառուցել Քրիստոսի գերեզմանին քով գտնուող հողամասին մէջ: Մզկիթը կառուցուեցաւ 935 թուականին եւ կոչուեցաւ «Ալ Օմարիէ»: Օմար խալիֆան քրիստոնեաներուն պարգեւեց քրիստոնէական պաշտամունքի ազատութիւն, սակայն արգիլեց եկեղեցիներու զանգերու գործածութիւնը:

Օմարին յաջորդեց Ալի խալիֆան, որ իր կարգին հրովարտակ հրապարակեց հայերու համար Երուսաղէմի մէջ` հաստատելով մարգարէին եւ Օմար խալիֆային նախորդ հրովարտակները:

1097 թուականին խաչակիրները ներխուժեցին եւ ազատագրեցին Երուսաղէմը: 1187 թուականին Սալահէտտին Այյուպին (Սալատին), որ քիւրտ էր, եւ անոր ընտանիքը ծագումով Հայաստանի Դուին քաղաքէն էր, գրաւեց Երուսաղէմը եւ տեղւոյն 100 հազար քրիստոնեաներէն մեծ մասին վռնտեց քաղաքէն: Ան գրաւեց Երուսաղէմի լատինական բոլոր եկեղեցիները եւ արգիլեց եկեղեցական ծառայութիւնները: Այսուամենայնիւ, ան հայերուն շնորհեց մասնակի ազատութիւն:

Հայոց Աբրահամ պատրիարքը խումբ մը հոգեւորականներու հետ տեսակցեցաւ Սալահէտտինի հետ եւ անոր ցոյց տուաւ Մոհամետ մարգարէին հրովարտակը: Այնուհետեւ Սալահէտտին իր սեփական հրովարտակը հրապարակեց եւ հաստատեց մարգարէին, Օմար եւ Ալի խալիֆաներուն հրովարտակները: Սալահէտտին իր հրովարտակին մէջ մասնաւորապէս նշած է հայերու իրաւասութեան մասին եկեղեցիներու, Սուրբ վայրերու, Սուրբ Յակոբ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Բեթղեհէմի, Նապլուսի եկեղեցիներու, Սուրբ տաճարի եւ այլ սուրբ վայրերու նկատմամբ, ու յատկապէս հայերու պաշտամունքի ազատութեան մասին: Ան նաեւ նուազեցուցած է հայ վաճառականներուն եւ ուխտաւորներուն տուրքերը:

1517 թուականին օսմանցի սուլթան Սելիմ գրաւեց Երուսաղէմը եւ հրապարակեց իր հրովարտակը, որով հաստատեց Մոհամետ մարգարէին, Օմար խալիֆային եւ Սալահէտտինին շնորհած արտօնութիւնները` Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան: Սուլթան Սելիմի յաջորդ սուլթան Սուլէյմանը հրապարակեց իր սեփական հրովարտակը` վերահաստատելով հայերու իրաւունքները Երուսաղէմի մէջ: Յաջորդ սուլթանները եւս, ինչպէս` Մեհմետ Դ., սուլթան Մահմուտ Ա. եւ սուլթան Ապտուլմեժիտ Ա.` յաջորդաբար 1659-ին, 1735-ին եւ 1853-ին հրապարակեցին իրենց հրովարտակները:

Մոհամետ մարգարէին հրովարտակը, բացի պատմական արժէքաւոր փաստաթուղթ ըլլալէ, ցոյց կու տայ, որ հայ քրիստոնեաները եւ իսլամները կը վայելէին սերտագին յարաբերութիւններ` հին ժամանակներէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը: Հայերը պէտք է տարածեն մարգարէին այս կարեւոր հրովարտակը, ինչպէս նաեւ անոր յետնորդներուն հրովարտակները` հակազդելու համար իսլամական աշխարհի մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի տարածած հակահայ քարոզչութեան:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Արամ Մանուկեան. Սպասուած Վերադարձ Հայրենի Եզերք

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ

Իրաւացի են իմաստունները, որ` ազգի արժանաւոր զաւակները չեն մեռնում, քանզի նրանք յաւերժի ուղեկիցներն են, եւ ֆիզիքական մահն ու պատմութեան անգամ հաստ փոշին անզօր են երբեւէ մոռացութեան մատնելու ժողովրդի յիշողութեան մէջ անմահացած ու սրբացած նրանց անունն ու գործը: Յիրաւի, հայոց երանելիների այդ փաղանգին է պատկանում տակաւին պատանութեան տարիներից մինչ վերջին շունչ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն  կուսակցութեան նուիրեալ  անդամ, հայ ժողովրդի անցած դարասկզբի ազգային-ազատագրական պայքարի անձնուէր կազմակերպիչ, Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութեան քաջազուն ու հմուտ ղեկավար, հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ներքին գործերի նախարար, պետական, ռազմական ու հասարակական գործիչ Արամ Մանուկեանը: Միով բանիւ` Մեծ հայը, որի  վերադարձը հայրենի եզերք` Շուշի բերդաքաղաք, տեղի ունեցաւ օրերս` սեպտեմբերի 11-ին: Աւա՜ղ, մահկանացուն կնքելուց գրեթէ հարիւր տարի անց, հաստափոր հատորի մէջ ամփոփուած իր նամականիի ու նրա շնորհահանդէսի տեսքով: Սիրելի որդին տուն է դարձել անհունների իր  դեգերումներից: Դրանից չէ՞ արդեօք, որ աշնան օրն այդ սովորականից արեւոտ էր, եւ հինաւուրց Շուշին` առաւել լուսաշաղախ ու պայծառ:

«Արամ Մանուկեան, նամականի»: Այս վերտառութիւնն է կրում գիրքը, որ նուիրուած լինելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պանծալի 100-ամեակին,  ներառում է Արամ Մանուկեանի շուրջ 400 նամակներ, որոնք նա կուսակցական ընկերներին  է յղել խոր ընդյատակից` 1904-1915թթ., եւ որոնք անգնահատելի վաւերագրեր են ժամանակաշրջանի իրադարձութիւնների վերաիմաստաւորման եւ իրատեսական վերագնահատման հրամայականով` որպէս գիտահետազօտական նշանակութեան հարուստ փաստական նիւթ ներկայ եւ գալիք պատմաբանների, այլ ոլորտների ուսումնասիրողների համար: Միեւնոյն ժամանակ այդ նամակները հայրենասիրութեան եւ ազգանուիրումի իւրօրինակ ուսանելի դասեր են  մերօրեայ եւ ապագայ սերունդների համար` որպէս խթանիչ օրինակ աչքի առաջ ունենալով դրանց հեղինակի ողջ գիտակցական կեանքի սխրալի դրուագները:

Գիրքը հրատարակել է Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւնը` 1000 օրինակ տպաքանակով, լիբանանահայ անուանի պատմաբան ու հայագէտ, մանկավարժ, խմբագրապետ, ՀՅԴ կուսակցական գործիչ Երուանդ Փամպուքեանի աշխատասիրութեամբ:

Շնորհահանդէսը, որ հաճելի անակնկալ էր Արցախի մշակութային կեանքում,  կազմակերպուել է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի եւ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպական ջանքերով` Շուշիում, նախարարութեան հանդիսասրահում: Երկրորդ անակնկալը, առանձնապէս, տողերիս հեղինակի համար, միջոցառմանը գրքի հեղինակի` իմ անմոռաց բարեկամ Երուանդ Փամպուքեանի մասնակցութիւնն էր, ում հետ պատիւ ու բախտ եմ ունեցել ծանօթանալ անցեալ տարուայ մարտին` Պէյրութում, եւ ով Արցախ է ժամանել Երեւանից, որտեղ մասնակցում  էր Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութեանը:

Հանդիսասրահում Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մտաւորականութեան սերուցքն էր` գրողներ, պատմաբաններ, նախարարութեան պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ` սփիւռքահայ գործիչներ: Ներկայ էին` Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը, նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, Արցախի Գրողների միութեան նախագահ, բանաստեղծ Վարդան Յակոբեանը, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր  Դաւիթ Իշխանեանը, այլ պատգամաւորներ, արժանթինահայ երգահան Ժան Ալմուխեանը կնոջ` Երուանդ Փամպուքեանի քոյր Նուարդի հետ, Պերլինի Ազատ համալսարանի փրոֆեսէօր, հայագէտ եւ ցեղասպանագէտ Ժիրայր Քոչարեանը եւ այլք:

Շնորհահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ նախաձեռնող կառոյցներից մէկի` Համազգայինի Արցախի գրասենեակի ղեկավար Հերմինէ Աւագեանը` հակիրճ ներկայացնելով խնդրոյ առարկայ գիրքն ու ողջունելով նրա հեղինակին: Ապա ողջոյնի խօսք ասաց նախարար, մասնագիտութեամբ պատմաբան Լեռնիկ Յովհաննիսեանը` արժանուոյնս գնահատելով Արամ Մանուկեան անհատականութեանն ու նրա նամականու հաւաքածուն, Երուանդ Փամպուքեանի ծաւալուն աշխատանքը, որ նա իրականացրել  է հետազօտող գիտնականին վայել յամառութեամբ ու անդադրում հետեւողականութեամբ` տասը տարի շարունակ ուսումնասիրութիւններ կատարելով տարբեր արխիւներում, առանձնապէս ՀՅԴ Պոսթընի կենտրոնական արխիւում: Նրա խօսքով`  Արամ  Մանուկեանն իր  անձնուրաց  գործունէութեամբ, հայոց պետականութեան կորստից դարեր անց ՀՅԴ կուսակցութեան առաջադրանքով կարողացել է վերականգնել այն, ստեղծել  նոր` այլեւս պետականակիր հայրենիք, որը   մեծ  դեր   խաղաց հայութեան հետագայ առաջընթացում: «Բաւականին  երկար ժամանակ   հայութիւնը  զրկուած էր անկախ պետականութիւնից, բայց հայոց պատմական հայրենիքի հիւսիսարեւելեան  նահանգներում` յանձինս Արցախի, Սիւնիքի  մելիքութիւնների, դեռեւս երկար ժամանակ  պահպանւում էին պետականութեան սաղմերը», նշել է նա: Անդրադառնալով օսմանեան Թուրքիայում Հայոց ցեղասպանութեան մեկնարկի տարում` 1915 թուականին Վանի ինքնապաշտպանութեան շրջանին, նա բարձր գնահատեց այն ղեկավարած Արամ Մանուկեանի կազմակերպական ջանքերը` ընդգծելով, որ իբրեւ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ` նա  կարողացել է Վան-Վասպուրականում  72  օրուայ ընթացքում ստեղծել պետական  կառավարման  կուռ ու գործուն համակարգ, իսկ այդ տարիների  փորձը հետագայում կիրառել` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ներքին գործերի նախարարութիւնում աշխատելու տարիներին:

Խօսելով իր կազմած գրքի մասին` Երուանդ  Փամպուքեանը վստահութիւն յայտնեց, որ  հրատարակութեան մէջ ներկայացուած  նամակները նոր շունչ  կը հաղորդեն ու կը վկայեն  այն բախտորոշ  դերակատարութեան մասին, որ Արամ Մանուկեանն ունեցել է ազգային-ազատագրական  պայքարում`  յատկապէս  յաղթանակով պսակուած Վան-Վասպուրականի   հայութեան ինքնապաշտպանութեան   գործում: «Գրքում զետեղուած շուրջ 400  նամակները վերաբերում են   ամենատագնապալի ու բախտորոշ մի ժամանակաշրջանի, երբ հայ ժողովուրդը պայքար էր մղում իր  ապագայի  համար: Գիրքը  հրատարակուել է 10 տարիների քրտնաջան  աշխատանքի արդիւնքում: Այդ  տարիների  ընթացքում ես մանրակրկիտ ուսումնասիրել  եմ  այն բոլոր թղթածրարները, որտեղ հնարաւոր  էր գտնել Արամ Մանուկեանի գրչին պատկանող  գրութիւններ: Արամ Մանուկեանի  առաջին  նամակները թուագրուած են 1904 թուականի  նոյեմբերին, այն ժամանակ, երբ նախքան  Վան  անցնելը` նա ժամանակաւորապէս մնում էր  Իրանի Ատրպատական նահանգում: Սովորաբար  նրա ձեռագրերի ընթերցումը, որոնք  հիմնականում պահւում էին Հայ   յեղափոխական դաշնակցութեան  կենտրոնական արխիւում, մասնաւոր  դժուարութիւն չի ներկայացրել: Այն  ձեռագրերն  են միայն եղել դժուար ընթեռնելի, որոնք   խոնաւութեան  պատճառով  խունացել  ու   խամրել են», նշել է գրքի հեղինակը: Նրա հաղորդմամբ, իրեն յաջողուել է վերծանել դրանց պարունակած ծածկագրութիւններն ու ծածկանունները, բացայայտել նամակներում արձանագրուած առարկաների, բնակավայրերի, անձանց   իրական անունները, որոնք  ներկայացուած են հանգամանալի ծանօթագրութիւնների տեսքով:

Իր հերթին, Արցախի պետական  համալսարանի պատմութեան ամպիոնի    դասախօս, փրոֆեսէօր  Արարատ Վարդանեանը, նշելով, որ Արամ Մանուկեանը, յեղափոխական  գործունէութիւնը  սկսած լինելով տակաւին  Շուշիի թեմական դպրոցում ուսանելու     տարիներին, փաստօրէն, իր ողջ  կեանքը  նուիրաբերել է հայ ժողովրդի պայքարի  գործին,  շեշտեց. «Նա մեծ  հայրենասէր  էր,  հայրենիքի   ու ժողովրդի արժանաւոր զաւակ, ազնիւ, հեռատես  քաղաքական  գործիչ»: Փրոֆեսէօրի համոզմամբ, ընթերցողները, ուսումնասիրելով այս գիրքը, անպայման  դասեր կը քաղեն  մեծ նուիրեալի` Արամ  Մանուկեանի կեանքից  ու  գործունէութիւնից:

Շնորհահանդէսը եզրափակուեց միջոցառման մասնակիցներին հեղինակի ընծայագրերով «Արամ Մանուկեան, նամականի» գրքի օրինակների նուիրմամբ: Այն, անշուշտ, 20-րդ դարասկզբի հայոց պատմութեան եւ նրա ողբերգական ու բեկումնային շրջանում Արամ Մանուկեանի անգնահատելի դերակատարութեան մասին իւրայատուկ բաց դաս էր` իր հայրենի Շուշիում: Ի լրումն նշեմ, որ միջոցառումը լայնօրէն լուսաբանուել է Արցախի հեռատեսիլով եւ ձայնասփիւռով, պարբերական մամուլում, ելեկտրոնային լրատուամիջոցներում:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար  

Արամ Մանուկեան, Արամ կամ Արամ փաշա (Սարգիս (Սերգէյ) Յարութիւնի Յովհաննիսեան մարտի 19, 1879, Սիւնիքի մարզ, Հայաստան – յունուարի 29, 1919, Երեւան, Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն, ծնունդով Զէյվա, այժմ` գիւղ Դաւիթ Բէկ կամ պատմաբան Արմէն Ասրեանի տուեալներով, Արցախի Շուշի քաղաք), Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական, հասարակական գործիչ, հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր, ներքին գործերի նախարար, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ: Ղեկավարել է Վանի ինքնապաշտպանութիւնը, եղել է Վանի նահանգապետ, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամ:

 

Անկախութեան պահպանման ու յարատեւման սիրոյն …

$
0
0

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ

Եւս չորս օր եւ ահա՝ համալրւելու է 1991 թ. սեպտեմբերի 21-ով նշանաւորւած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 27-րդ ամեակը…

Անշուշտ, վերանկախ Հայաստանի տատասկոտ ճամբի նոյն 27-րդ հանգրւանին ներքին թէ՛ արտաքին բազմապիսի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու բացառիկ առիթ ու հնարաւորութիւն դարձան՝ թէ՛ ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ին ձգտող Մայիսեան համաժողովրդական ու թաւշեայ կոչւող Յեղափոխութիւնը եւ թէ՛ միեւնոյն Մայիսին ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ամեակը նշանաւորելու համազգային տօնախմբութիւնը:

Վերանկախացած Հայաստանի լիարժէք կայացմանը տանող ճանապարհը, դեռեւս, եւ օրինաչափօրէն, ուղեկցւած է տատասկներով…, որոնք էլ դարձեալ ազգովի՝ թէ՛ պետական եւ թէ՛ ժողովրդական կամքի համադրմամբ, հնարաւոր է արմատախիլ անել:

Դա անտարակոյս կը յաջողւի ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ին, եթէ հէնց դրան ձգտած «Թաւշեայ Յեղափոխութիւն»-ը շարունակի ընթանալ իրենից իսկ բխած՝ ՍԻՐՈՅ եւ ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԵԱՆ ամրագոյն քայլքով…:

Ահաւասիկ, առհասարակ արտերկրի եւ տւեալ դէպքում՝ ամենահայաստանամերձ համայնքը համարւող՝ հինաւուրց իրանահայ գաղթօջախի անկեղծ ցանկութիւնն ու ակնկալիքն է, որ վերանկախացած ու յատկապէս «Նոր Հայաստանի» հասարակական, քաղաքացիական ու յատկապէս քաղաքակրթական կայացման հերթական հանգրւանում (Զորօրինակ՝ Երեւանի Աւագանու ընտրութիւններ, որոնցում ցաւալիօրէն կիրառւում են «Ֆէյսբուքեան» ամենատարբեր ախտանիշերը…) միմեանց հանդուրժել-սիրելու ցուցանիշերը, յար եւ նման համաժողովրդական շարժման ակունքներին, հիացմունք պատճառի միջազգային հանրութեանը…

Այլապէս՝ արդիական է հնչելու եւ ինչ-որ տեղ շարունակելու է աշխատել որպէս դառն օրինաչափութիւն՝ կողքի սիւնակում բերւած «Օրւայ Պատգամը»…

 

Զաւէն Խտըշեանի Մահուան Առիթով. Արժէքի Մը Կորուստը

$
0
0

ՄԱՐՏԻԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Շաբաթ, 15 սեպտեմբերին կատարուեցաւ ազգային թաղումը լիբանանահայ վաւերական արուեստագէտ, քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի:

Անոր մահով լիբանանահայութիւնը կորսնցուց մեր կեանքի արժէքներէն անձ մը, որ ամբողջ տասնամեակներ փառքն ու պատիւը եղած էր մեր գեղարուեստական դիմագիծին ու անոր տարածման:

Զաւէն Խտըշեանը իր գործերով (յատկապէս` Եղեռնի յիսնամեակին առիթով յուշարձանով) եւ այլ աշխատանքներով ինքզինք պարտադրած արուեստագէտ մը եղած էր լիբանանահայ կեանքին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գեղարուեստական շրջանակներուն մէջ:

Հաւանաբար Զաւէնը վերջիններէն է, որ այս գաղութը կորսնցուց, եւ որ մեր հայ կեանքին մարդկային ու գեղարուեստական կեանքի պարծանքն ու հպարտանքի աղբիւրներ եղան:

Արուեստագէտի կեանքին ու գործունէութեան մասին հաւանաբար մանրամասն պիտի խօսուի ու գրուի:

Այս գրութեանս նպատակը փոխանցելն է ընդվզումները ու վրդովմունքը իմ եւ ուրիշներու` ի տես այն անտարբերութեան մեր ժողովուրդին ու անոր տարբեր մակարդակներու պատասխանատուներուն:

Հոգեկան բաւարարութիւն ունեցայ, երբ լսեցի, որ տեղի պիտի ունենայ ազգային թաղում` հանգուցեալ արուեստագէտին Զաւէն Խտըշեանին:

Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ մեծ չէր թիւը այն մարդոց, որոնք պէտք էր ներկայ ըլլային իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու եւ իրենց նուազագոյն երախտագիտութիւնն մատուցէին արուեստագէտին:

Յուղարկաւորներուն մէջ ափսոսանքով կը փնտռէինք բարեկամներ, հանրային, միութենական, համայնքային պատասխանատուներ, կը փնտռէինք գործակից արուեստագէտներ, ուսուցիչներ, ժողովուրդ ու երիտասարդութիւն:

Դժբախտաբար Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ կացութիւնը աւելի վիրաւորական էր, տասնեակ մը սգակիրներ եկած էին իրենց յարգանքի վերջին տուրքը տալու Զաւէնին, նոյնիսկ դամբանական մըն ալ նկատի չէր առնուած` որպէս սփոփարար խօսք:

Տխուր եւ անմխիթար է, չէ՞, այսպէս ըլլալը, այո՛,  տխուր է: Ինչո՞ւ այս ապերախտութիւնը, ինչո՞ւ այս անպատասխանատու վերաբերմունքը:

Խիստ մտահոգիչ է, երբ ժողովուրդ մը իր իսկական արժէքներուն հանդէպ նման վերաբերմունք կ՛ունենայ:

Բայց չմոռնաք, որ իր արժէքները գնահատող ժողովուրդները իրենք են, որ կը մեծնան` մեծութիւնները յարգելով:

Սիրելի՛ Զաւէն Խտըշեան, դուն արդէն կայացած եւ ինքզինքդ հաստատած արուեստագէտ էիր, լիբանանահայ կեանքին մէջ` ամրօրէն քու հետքդ ձգած եւ անոր պատմութեան մասնակցած, դուն եւ քեզի նմաններն են, որ ժողովուրդներու մշակոյթին պատմութիւնը կը կերտեն` յանուն գեղեցիկին եւ ազնիւին:

 

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ. Ֆութպոլի Առաջին Մրցումը Երեւանի Մէջ

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի հեռատես քաղաքականութեան շնորհիւ, ուսումնական ծրագիրներուն մէջ առաջին համալսարանը հիմնելու կողքին, ան նաեւ քաջալերեց մարմնակրթանքը ուսումնական ծրագիրներուն մէջ յատկապէս եւ երկրին մէջ` ընդհանրապէս:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտ եւ մարզիկ, Գում Գաբուի «Տորք» ակումբէն Եզնիկ Քաջունին 1918-էն սկսեալ, զանազան պարտականութիւններու կողքին, կը դասաւանդէր նաեւ Երեւանի «Աղեքսանդրեան» եւ «Գայիանեան» աղջկանց երկրորդական վարժարաններուն մէջ` իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ, ուր կազմած էր սկաուտական տղոց եւ աղջկանց խումբեր: Իր նամակներէն մէկուն մէջ Քաջունին կը գրէ. «Այստեղ կազմեցի նաեւ լաւ խաղացող սպաներէ եւ կիմնազիայի (միջնակարգ վարժարան) մեծ աշակերտներէն ֆութպոլի ուժեղ խումբ մը» (1):

Անգլիական այգիին մուտքը, այժմ` Իտալիա փողոցէն, 1918-1920

Ահա այս առաջին ֆութպոլի խումբին առաջին մրցումին մասին է ստորեւ թղթակցութիւնը` ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յառաջ»-ի 13 օգոստոս 1920-ի թիւին մէջ, արեւմտահայերէնի վերածուած: Իբրեւ առաջին մարզական թղթակցութիւն` ակներեւ է թղթակիցին փորձառութեան պակասը:

«Առաջին ֆութպոլի մրցախաղը Երեւանում» (2):

«Խումբ մը սպաներու եւ սիրողներու (Եզնիկ Քաջունի) ջանքերով վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուած է մարզական ընկերութիւն մը (ակումբ` միութիւն, ՅՉ), որ մօտ ապագային կ՛ունենայ իր վաւերացուած կանոնագրութիւնը:

«Ունենալով` «Առողջ հոգի առողջ մարմնի մէջ» սկզբունքը, այս միութիւնը նպատակադրած է կազմակերպել եւ զարգացնել մարզական խաղեր ու մրցումներ` մրցակցութիւն եւ հետաքրքրութիւն ստեղծելով տեղական ուժերուն եւ սիրողներուն մէջ:

Երեւանի մէջ ֆութպոլի առաջին մրցումին թղթակցութիւնը` «Յառաջ» 13-8-1920

«Սկաուտական կազմակերպութենէն ետք, մարզական միութեան ստեղծումը մեծ ու գնահատելի երեւոյթ մըն է, որ արժանի է յատուկ ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի: Մեծ պետութիւններուն մէջ մարմնակրթութիւնը իր յատուկ տեղը ունի, եւ նման ակումբներուն մեծամասնութիւնը անցեալ ունի եւ կը վայելէ իրենց կառավարութիւններուն յատուկ ուշադրութիւնն ու հովանաւորութիւնը:

«Ուրախութեամբ պէտք է յայտարարել, որ մեր կառավարութիւնը, որ  յատուկ կարեւորութիւն կու տայ մարմնակրթութեան եւ մարզանքներուն, նաեւ չմերժեց իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը այս նորակազմ միութեան:

«Անցեալ կիրակի` 8 օգոստոս 1920-ին Երեւանի մարզական միութիւնը («Սպորտ» ակումբ, ՅՉ) կազմակերպած էր իր անդրանիկ խաղը` ֆութպոլ (Անգլիական այգիին մէջ): Մրցումին ներկայ էին Երեւանի միութեան մարզիկները (խմբապետ` տեղակալ Աւետիս, յետսապահներ` ՀՄԸՄ-ական Եզնիկ Քաջունին եւ Սարգիս Սամուէլեանը, ՅՉ) եւ Ալեքսանդրապոլէն (Գիւմրի) յատկապէս հրաւիրուած («Մեծն Վարդան» խումբը, խմբապետը` Սիբիրեան, ՅՉ) մարզիկները` 11 հոգի: Խաղին կը մասնակցէին ընդամէնը 22 մարզիկներ:

«Հակառակ անբարենպաստ պայմաններուն, խաղը շատ յաջող կազմակերպուած էր:

«Այդ օրը Անգլիական այգին գրաւած էր հետաքրքրուողներու բաւական մեծ բազմութիւն մը, որ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր մրցումին:

«Ներկայ էին` վարչապետ պ. (Համօ) Օհանջանեանը, խորհրդարանի նախագահ պ. Ա. (Աւետիք) Սահակեանը, Հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարար Գ. (Գէորգ) Ղազարեանը, Երեւանի քաղաքապետ պ. Մ. (Մկրտիչ) Մուսինեանը, Անգլիոյ ներկայացուցիչ հարիւրապետ Կրեսսին, խորհրդարանի անդամներ եւ քաղաքացիներու բազմութիւն: Մերթ ընդ մերթ նուագախումբը կը նուագէր (խանդավառելով բազմութիւնը):

«Խաղը, որ տեւեց ժամը 17:30-էն մինչեւ 19:00, անցաւ կանոնաւոր, առանց պատահարներու եւ յաջող:

«Երեւանի խումբը արժանացաւ մրցանակին` (յաղթելով) 1-0 արդիւնքով:

«Խաղէն ետք վարչապետը Երեւանի մարզական միութեան նուիրեց 50 հազար ռուբլի: Երեւանի քաղաքապետը խոստացաւ հարթել խաղի հրապարակը (դաշտը) կամ նուիրել համապատասխան գումարը: Մեծ գումար նուիրել խոստացաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահը:

Գ. Մ. Յ.»

2 սեպտեմբեր 2018

 

(1) ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ` «Հայ սկաուտ», Ա. տարի, թիւ 19-20, Կոստանդնուպոլիս, օգոստոս 1920, էջ 304:
(2) «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, թղթակից` Գ.Մ.Յ., Բ. տարի, թիւ 172, 13 օգոստոս 1920, էջ 4:

Անդրադարձ. Կատարուած Իրողութիւն

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

7 սեպտեմբերին Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ Իտլիպի հարցով Իրան-Թուրքիա-Ռուսիա վեհաժողովը, որուն ընթացքին կարելի չեղաւ համաձայնութիւն գոյացնել: 10 օր ետք` 17 սեպտեմբերին, Սոչիի մէջ Փութին-Էրտողան հանդիպումի ընթացքին, սակայն, նոյն հարցին շուրջ գոյացաւ ռուս-թրքական համաձայնութիւն մը:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ իր երկրին մեկուսացման ծանրութիւնը մեղմացնելու փորձով մը յայտարարեց. «Անցնող քանի մը շաբթուան ընթացքին Անգարա եւ Դամասկոս այցելութեանս ընթացքին, ինչպէս նաեւ հետագային Թեհրանի մէջ Իրան-Ռուսիա-Թուրքիա վեհաժողովին ու Սոչիի մէջ ժողովի ընթացքին կիրարկուած պատասխանատու եւ աշխուժ դիւանագիտութեան շնորհիւ, կրցանք Իտլիպի մէջ պատերազմ մը կանխարգիլել»: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի իր կարգին համաձայնութիւնը` կատարուած իրողութիւնը ողջունելով նշեց, թէ իր երկիրը տեղեակ պահուած է եւ Թեհրանի հետ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցած է: Այդ յայտարարութիւնները, սակայն, չէին կրնար թաքցնել Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ կողքին Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւոր երրորդ երկրին` Իրանի Սոչիի համաձայնութենէն հեռու պահուելուն դառն իրողութիւնը:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն ռուս-թրքական համաձայնութիւնը ներկայացուց իբրեւ Էրտողանի` «Իտլիպի մէջ մարդասիրական մեծ աղէտ մը կանխարգիլող» նախաձեռնութիւնը` դիւանագիտական մեծ յաջողութիւնը: Գոյացած համաձայնութիւնը արդիւնք է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն նկատմամբ Ռուսիոյ նախանձախնդրութեան, ինչպէս նաեւ Միջերկրական ծովուն մէջ կուտակուած մարտանաւերուն եւ անոնց օգտագործման պատրուակին` սուրիական բանակին կողմէ քիմիական զէնքի ենթադրեալ կիրարկման չէզոքացման քայլով մը:

Փութին-Էրտողան համաձայնութեամբ` Անգարան կը շարունակէ պահել Սուրիոյ տագնապի լուծման բանակցութեան սեղանին վրայ իր աթոռը: Այդ երկկողմանի համաձայնութիւնը, սակայն, հակառակ հրապարակային դիւանագիտական յայտարարութիւններուն, չի կրնար դժգոհ չձգել Թեհրանն ու երկրին ամբողջ տարածքին վրայ իր վերահսկողութեան վերականգնման առաջնահերթութիւնը ունեցող Դամասկոսը: Սուրիական տագնապին առնչակից այլ կողմեր եւս հաւանաբար դժգոհ են: Կը մնայ սպասել եւ տեսնել, եթէ դժգոհները պիտի կարենան վիժեցնել ռուս-թրքական համաձայնութիւնը:

 

 

 

Հայաստանի Հանրապետութեան Այնքան Անհրաժեշտ Երկխօսութիւնը

$
0
0

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

Վերջին օրերու եւ շաբաթներու Հայաստանի իրաւական, դատական, քրէական, քաղաքական, լրատուական եւ տեղեկատուական սրընթաց զարգացումներուն ստեղծած լարուածութիւնը եւ անոնց հակազդեցութիւնը իրապէս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ` թէ՛ հասարակութեան, թէ՛ ներքաղաքական դաշտին, հատած են ընդունելի բոլոր գիծերը եւ դարձած` շատ վտանգաւոր:

Արդարեւ, լիցքաթափելու համար այս ջղագրգիռ եւ լարուած մթնոլորտը` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ օդի ու ջուրի չափ անհրաժեշտ է քաղաքական եւ հասարակական բոլոր կողմերու միջեւ անկեղծ եւ կառուցողական երկխօսութեան ծաւալումը:

Ձեւաւորուող նոր Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն ծրագիրներուն, աշխատանքներուն եւ նախաձեռնութիւններուն յաջողութեան եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան համար, որուն անվերապահօրէն կը զօրակցի ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր նախարարներով, մարզպետներու եւ ամբողջ կենսափորձով, առաջին հերթին անհրաժեշտ է կայունութիւն, վստահութիւն, անդորրութիւն եւ առանց քաղաքական ցնցումներու փոխյարաբերութիւն բոլորին միջեւ:

Նախապէս առիթով մը հաստատած ենք, որ բոլորովին կողմ ենք օրինականութեան հաստատման, օրէնքի առջեւ բոլորին հաւասարութեան, անպատժելիութեան մթնոլորտի վերացման, բոլոր մեղաւորները եւ յանցագործները պատասխանատուութեան ենթարկելու, սակայն, որպէսզի այլ տպաւորութիւն եւ մթնոլորտ չստեղծուի, խիստ անհրաժեշտ է, որ տուեալ գործընթացը ընթանայ սահմանադրական եւ օրէնքի շրջանակներու մէջ` առանց խնդրոյ առարկայ դարձնելու ներազգային համերաշխութիւնը եւ երկխօսութեան կարելիութիւնը: Այո՛, որովհետեւ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հիմնական բացական երկխօսութիւնն է:

Երկխօսութիւն` իշխանութեան եւ ընդդիմութեան, Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան միջեւ, երկխօսութիւն` ժողովուրդի անխտիր բոլոր խաւերու, շերտերու եւ դասակարգերու միջեւ, երկխօսութիւն` մասնագէտներու, արուեստի, մշակոյթի գործիչներու միջեւ, մէկ խօսքով` ազգային երկխօսութիւն, որպէսզի կարենանք այս դժուարին փուլէն աւելի ուժեղ դուրս գալ, մեր խնդիրներուն մեծ մասը կարգաւորել եւ անոնց առաջնահերթութեան հիման վրայ մարտավարութեան մը որդեգրումով դիմակայել զանոնք եւ անցնիլ առաջ, որովհետեւ մենք ունինք բազմաթիւ եւ բազմապիսի անյետաձգելի հրատապ հիմնախնդիրներ, որոնք կը կարօտին համայն հայութեան նեցուկին եւ զօրակցութեան:

Արդարեւ, կասկածէ վեր է, որ այսօր ազգովին կ՛ապրինք արտահերթ ներազգային, ռազմաքաղաքական, ընկերատնտեսական, դատաիրաւական եւ անվտանգութեան ընդհանուր խնդիրներու անապահով փուլ մը, ուր օր առաջ անվիճելի անհրաժեշտութիւն է տուեալ ազգային երկխօսութիւնը, որ պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ` յանուն բոլոր հարցերու կարգաւորման եւ կայունութեան:

Իսկ ինչ կը վերաբերի երկխօսութեան ձեւաչափին, կարելի է, օրինակի համար, երկրի վարչապետին, նախագահին եւ Ազգային ժողովի նախագահին գլխաւորութեամբ հրաւիրել ազգային երկխօսութեան կլոր սեղանի մը, ուր համախմբուած կ՛ըլլան  քաղաքական բոլոր կազմակերպութիւնները անխտիր, սրտբաց խօսակցութիւն մը ծաւալելու, հասարակ յայտարարով հանդէս գալու, երկրի անդորրութիւնը, կայունութիւնը, անվտանգութիւնը եւ ազգային միասնականութիւնը գերադասելով, միասնաբար գնահատելով ներհայաստանեան քաղաքական իրավիճակը, հեռու` լուսարձակներէ եւ լրատուամիջոցներէ, ապա` քննարկելու, վերլուծելու առկայ բոլոր ներքին եւ արտաքին սպառնալիքները, նոյնիսկ` ամէնէն կնճռոտ խնդիրները, որոնք կ՛առնչուին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ճակատագիրին, եւ` միասնաբար որոշելու, թէ ի՛նչ տեսակի Հայաստան կ՛ուզենք եւ ո՛ւր կ՛ուզենք տանիլ զայն:

Անկեղծ ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ այլապէս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին ողջունելի քաղաքական իրադարձութիւնները կրնան վտանգուիլ. խօսքը անշուշտ կը վերաբերի համաժողովրդային շարժումին, անոր յաջորդած իշխանափոխութեան եւ պրն. Փաշինեանի վարչապետ ընտրութեան առիթով ստեղծուած յոյսի եւ չափազանց խանդավառութեան ալիքին, որ համակեց համայն հայութիւնը. պէտք է ամէն գնով պաշտպանել զայն, որովհետեւ ատիկա հիմնական գրաւական կը հանդիսանայ նոր Հայաստանի արդար, անկախ, բարգաւաճ, հզօր եւ միասնական հայրենիքի կերտման:

Եւ պէտք չէ թոյլատրել, որ այդ սրբազան արժէք ներկայացնող յոյսը ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդութեան մէջ խամրի, խանդավառութեան ալիքը զիջի դժուարութիւններու առջեւ, ու մարին ապագային նկատմամբ երազները` նոր Հայաստանի իշխանութիւններու առաքելութեան եւ արդիւնաւէտ ազգային գործունէութեան առնչուած:

Ուրիշ խօսքով, պէտք է ընենք ամէն ինչ, որպէսզի համայն հայութիւնը հերթական անգամ յուսախաբութիւն մը եւս չապրի, որովհետեւ դարձեալ անկեղծ ըլլալու համար կ՛ուզենք ըսել, որ վերջին շաբաթներու եւ օրերու քաղաքական իրադարձութիւններուն, իրերամերժ յայտարարութիւններուն, հրապարակային վիճարկումներուն, գաղտնալսումներու բացայայտման, ընկերային ցանցերու վրայ ծայր առած վիճաբանութիւններուն, տեղի եւ անտեղի հետախուզումներուն, մամլոյ ասուլիսներուն  ու Երեւանի քաղաքապետութեան նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին հնչած անյարմար ելոյթներուն պատճառով Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական դաշտը վերածած են բաւական լարուած բեմահարթակի, ինչ որ վստահաբար բոլորիս մտահոգութեան կիզակէտը կը հանդիսանայ այսօր:

Այդ իսկ պատճառով պէտք է ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական բոլոր դերակատարներուն միջեւ երկխօսութիւն հաստատուի, եւ պէտք է լիցքաթափել  տուեալ լարուած ներքաղաքական մթնոլորտը:

Պէտք է դադրի երկրին կայունութիւնը, ներդրումային կարելիութիւնը եւ տնտեսութեան վստահելիութիւնը հարուածող յայտարարութիւններու եւ մամլոյ ասուլիսներու պատերազմը, եւ` որոշ քաղաքական խոհեմութեամբ մօտենալ գոյութիւն ունեցող բոլոր խնդիրներուն:

Վերջապէս, այսօր պէտք է հասկնանք, որ քայլարշաւներու եւ հանրահաւաքներու փուլը մեր ետին է արդէն, այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը օժտուած է նոր կառավարութեամբ եւ ժողովուրդին վստահութիւնը վայելող նոր վարչապետով մը, որոնց շուրջ պէտք է համախմբել համայն հայութիւնը եւ զանոնք վերածել քաղաքական հզօրագոյն գործօնի:

Արդարեւ, այսօր ազգովին թեւակոխած ենք իսկական գործի փուլ` պետական համակարգը բարելաւելու, օրէնքի գերակայութեան պետութիւն կառուցելու, սահմանադրութեան եւ օրէնքի շրջանակներուն մէջ կաշառակերութեան, մենաշնորհներու եւ չարաշահումներու դէմ պայքարելու, տնտեսութիւնը զարգացնելու, սահմանները ապահովելու, ընկերային արդարութիւն հաստատելու, բանակաշինութեամբ զբաղելու, Արցախը վերաբնակեցնելու, արտագաղթը կասեցնելու եւ հայրենադարձութիւնը կազմակերպելու, ներազգային համերաշխութիւնը ամրագրելու, որպէսզի վերջապէս կարենանք 10 միլիոնի շուրջ հայութեան երազը, գրաւը եւ ակնկալութիւնները արդարացնել սիրոյ եւ համերաշխութեան նոր Հայաստանի կապակցաբար:

18.09.2018


Ի՞նչ Կը Ներկայացնէ Հայրենիքը Մեզի Համար

$
0
0

ՆԱՐԵԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ապագայ լրագրող

Ի՞նչ կը ներկայացնէ հայրենիքը մեզի` սփիւռքահայ երիտասարդներուս համար:

Երբ այս հարցումը ուղղես հայ երիտասարդներուն, անոնց բոլոր կարծիքները այս նիւթին շուրջ` կարելի է ամփոփել հետեւեալ քանի մը պատասխաններով.

Կարէն Պոյաճեանը կ՛ըսէ. «Հայրենիքը ինծի համար պարզապէս հողային տարածք մը չէ, այլ` սրբավայր մը, որ ամէն բանէ վեր է, եւ որուն գոյատեւման համար պէտք է պայքարի իւրաքանչիւր հայ պատանի, երիտասարդ, եւ կամ նոյնիսկ` տարեց»:

Իսկ Կայէլ Ապուսէֆեանը կ՛ըսէ. «Հայրենիքը ինծի համար կը ներկայացնէ առաջին տունը, ուրկէ ծլած են իւրաքանչիւր հայու արմատները»:

Սէրլի Տէր Սարգիսեանը կ՛ըսէ. «Հայրենիքը, այն երազային վայրն է, որ գոյութիւն ունի ամէն հայու մտքին ու սրտին մէջ»: Երբ դէպի Հայաստան ճամբորդենք, ինչո՞ւ չենք ուզեր զայն ձգելով` վերադառնալ:

Պատասխանը շատ պարզ է: Որովհետեւ ան մեր իսկական տունն է, եւ մենք զմեզ հարազատ կը զգանք այնտեղ ու չենք ուզեր վերադառնալ օտարութեան:

Որքան ալ տոկանք ու դիմանանք սփիւռքի մէջ, օր մը անպայման պիտի հաստատուինք Հայաստան:

Սփիւռքահայութեան առջեւ ծառայող դժուարութիւնները օրէ օր կը բազմանան: Մինչեւ օրս կարելի եղածին չափ հայութիւնը դիմադրած է այդ բոլոր դժուարութիւններուն եւ դիմագրաւած` տարբեր մարտահրաւէրներ:

Բայց մինչեւ ե՞րբ պիտի կարենանք պաշտպանել մենք զմեզ` օտարամոլութենէ ու սփիւռքահայութիւնը հալածող անոր բազմատեսակ երեւոյթներէն` օտար ամուսնութիւններ, օտար վարժարաններ յաճախել, հայոց լեզուին հետ օտար լեզուներ խառնել եւ այլն:

Ո՛չ, կարելի չէ այս երեւոյթներուն դէմ յարատեւ պայքարիլ, երբ մենք արդէն «տունէն» դուրս ենք:

Այո՛, Հայաստանի մէջ ալ կան տարբեր տեսակի դժուարութիւններ: Բայց այնքան ատեն որ քու հայրենիքիդ մէջ ես, սիրով կ՛աշխատիս լուծումներ գտնել:

Հայաստանի անկախութեան դերը ո՞րն է այս բոլորին մէջ: Հայաստանի անկախ իրավիճակը շատ մեծ ու կարեւոր դեր կը խաղայ: Այս անկախութիւնը ապահովութիւն կը ներշնչէ հայոց, երբ անոնք կը գտնուին իրենց հայրենիքին` Հայաստանի սահմաններէն ներս:

Այդ պատճառով է, որ այսօր շատ մը ընտանիքներ ձգելով սփիւռքը, կը մեկնին  Հայաստան` հաստատուելու նպատակով, ու այդ ընտանիքներուն թիւը հետզհետէ կը բազմանայ:

Այսպիսով, կարելի է ըսել, որ հայրենիքը մեր բոլորին համար կը ներկայացնէ մեր սեփական օճախը, տունը, ուր ուշ կամ կանուխ պիտի հաստատուինք` շնորհիւ անոր անկախութեան, ու մենք ալ մեր կարգին պիտի օժանդակենք հայրենիքի բարգաւաճման ու հզօրացման:

 

 

Ի՞նչ Է Մեր Դերը

$
0
0

ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ
Ապագայ լրագրող

Արդէն երկու անգամ, երկու տարբեր ճամբարներու մասնակցելու համար այցելած եմ Հայաստան եւ հոն ուղղակիօրէն շփման մէջ մտած եմ ինծի տարեկից հայաստանաբնակ արեւելահայ պատանիներու հետ:

Դժբախտաբար լիբանանահայ եւ հայաստանաբնակ պատանիներու միջեւ տարբերութիւնը շատ մեծ է:

Հիմա, որ արդէն 27 տարի անցած է Հայաստանի վերանկախացումէն, շատ կը ցաւիմ, որ Հայաստանի տարեկիցներս տակաւին դուրսի աշխարհէն շատ տեղեակ չեն, մանաւանդ` սփիւռքի մասին: Շատ նեղացայ, երբ մեզի հարցուցին, թէ հայերէն գիտե՞նք, կամ երբ արաբերէն կը խօսէինք իրարու հետ` գաղտնի խորհրդակցութիւններու համար, կը կարծէին, որ տան մէջ արաբերէն կը խօսինք, եւ երբ ըսէինք մեր արաբերէնի կարողութեան մասին, կ՛ապշէին:

Բայց շատ բերկրալի բան մը կար. անոնք գիտութեան ծարաւը կը զգային, ցանկութիւնը ունէին նոր գիտելիքներ ամբարելու, կ՛ուզէին սփիւռքի մէջ մեր կեանքին ծանօթանալ եւ կ՛ուզէին մեր անուշ արեւմտահայերէնը լսել` ըսելով. «Դուք իրար հետ խօսէք, մենք լսենք»:

Շատ աւելի ուրախացայ, երբ անոնք խոստովանեցան, որ իրենք շատ ռուսերէն բառեր կը գործածեն իրենց առօրեային մէջ, օրինակ «սեմուչքա»-ն` արեւածաղիկի կուտին համար, «փրոսթ»-ը ուղղակիի համար, «վապշէ»-ն` ընդհանրապէսին համար եւ այլն: Անշուշտ, մենք ալ մեր կարգին իրենց կը խոստովանէինք այդ մասին, երբ արաբերէն բառ մտնէր մեր խօսակցութեան մէջ, օրինակ մեր բոլորին հանրածանօթ` «եալլա»-ն, «ըննօ»-ն եւ «եաանի»-ն:

Այս տարուան ճամբարին պատանիներ շատ փափաքեցան արաբերէն սորվիլ: Այս «դասերուն» ընթացքին ահաւոր ծիծաղ կը յառաջանար, որովհետեւ անոնք չէին կրնար կարգ մը գիրեր հնչել, օրինակ` «մարհապա»-ն (բարեւ) կ՛ըլլար «մարխապա», «սապաա»-ն (եօթը) կ՛ըլլար «սեպէ»:

Իրարու միջեւ հակառակութիւնները յաճախակի էին: Երբեմն խօսքով կը լուծուէր հարցը, իսկ երբեմն ալ կը հասնէր ֆիզիքականի: Կը յիշեմ` այս ճամբարին տղու մը զարկի, քանի որ աթոռով ընկերուհիս հրեց (անշուշտ` ոչ դիտումնաւոր), եւ նոյնիսկ ներողութիւն խնդրելու պարտաւորութիւնը չզգաց, ինչ որ անընդունելի էր ինծի համար:

Այս բոլորը տեսնելով` շատ ուրախ եմ, որ վերանկախացումէն ետք երկրորդ սերունդին միտքը հետզհետէ կը բացուի, ու հայրենիքի զարգացման ու բարգաւաճման վրայ յոյսս աւելի կը մեծնայ:

Անշուշտ, եթէ Հայաստանի Ա. անկախութիւնը գոյատեւէր, մեր արեւելահայ եղբայրները շատ աւելի ինքնազարգացում պիտի ունենային եւ մեր մէջ այսքան տարբերութիւն պիտի չըլլար կամ իրենց կողմէ օտարի աչքով ու արհամարհանքով պիտի չդիտուէինք, բայց ասոր ալ փա՛ռք:

Այստեղ մենք ալ պարտականութիւն ունինք. պէտք է հաղորդակցինք արեւելահայերու հետ, երբ Հայաստան ճամբորդենք, քանի որ իրարու հետ յաւելեալ յարաբերութեամբ եւ մտերմութեամբ, իրարու նկատմամբ մեր հանդուրժողութիւնը աւելի եւս պիտի ամրապնդուի: Արեւմտահայ-արեւելահայ միասնութիւնը բանալին է այս գլխաւոր դժուարութեան յաղթահարման:

Կեցցէ՛ միասնութիւնը, կեցցէ՛ անկախութիւնը:

 

 

Իտէալական Անկախութիւն

$
0
0

ՍԻԼՎԻԱ ՍԵՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Ապագայ լրագրող

Անկախութիւն: Բառ մը, որ միշտ եղած է իւրաքանչիւր ազգի ու ժողովուրդի երազը, իւրաքանչիւր երկրի իտէալը, սակայն ամէն անկախութիւն իտէալական անկախութիւն չէ:

21 սեպտեմբեր 1991-ին կարմիրը, կապոյտն ու նարնջագոյնը դարձեալ սկսան ազատօրէն ծածանիլ Հայաստանի պայծառ երկինքին տակ: Հայ ժողովուրդը վերանկախացաւ` ունենալով այդ «իտէալական անկախութիւնը», սակայն ամէն անկախութիւն իտէալական անկախութիւն չէ:

2009-ին 11 տարեկան էի, երբ առաջին անգամ ըլլալով քայլերս առի իմ հայրենիքին սուրբ հողին վրայ: Հայրենիք այցելութեան համար տարիներէ ի վեր սպասուած երազ մըն էր, որ իրականացաւ: Ճիշդ է, որ փոքր էի, սակայն պատանի հասակիս արդէն յուզուած էի եւ բառեր չունէի` բացատրելու իմ զգացումներս:

Գծագրութիւններն ու պատկերները հայոց պատմութեան գիրքէն ելլելով` կարծես եկած էին իրականութիւն դառնալու, եւ այս բոլորը մտածելով` վերադարձայ Լիբանան:

Իսկ հայրենիքս կարծես մնաց այդ պատմութեան գիրքերուն միագոյն նկարներուն մէջ ամփոփուած, կարծես` հին ժամանակներէն մնացած յիշատակ…

2011-ին, նոյն բանը կրկնուելէ ետք, հայրենիքս դարձեալ մնաց իբրեւ հին նկար մը:

4 տարի ետք, 2015-ին, Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի իբրեւ խմբագիր, առիթը ունեցայ դարձեալ այցելելու Հայաստան` ճամբարի մասնակցելու նպատակով, սակայն այս անգամ կարծես բոլորովին տարբեր դարաշրջան մը սկսած էր հոն` Երեւանի իւրաքանչիւր փողոցին մէջ, դրախտային հրապարակի վրայ, եւ Արարատի փէշերուն` Հայաստան գարնանային ոգիով մը սկսած էր ներկուիլ… սեւ ամպերը արդէն հեռացած էին:

2016-ի եւ 2017-ի այցելութիւններուս ընթացքին Հայաստանը աւելի եւս սկսած էր բարգաւաճիլ ու վերելքի հասնիլ:

Սակայն այս տարի` 2018-ին Հայաստանի մշակութային կեանքին մէջ կարծես հրաբխային պայթիւն մը եղած էր եւ` անոր հետքերուն մէջ արձանագրուած անկիւնադարձ մը:

Հայաստանը այս տարի կարծես իր մեծ քայլերով կը փորձէր հասնիլ մարդկային նորագոյն դարաշրջանին: Խորհրդային տիրապետութեան յաջորդող սերունդը այսօր իմ ընկերներս են, իմ արեւելահայ ընկերներս են, արիւնակից քոյրերս ու եղբայրներս են, որոնք կարծես խաղաղ ու ճերմակ պատմութեան էջեր ունեցած ժողովուրդի մը շառաւիղներն են:

Եւ ահա այս է իսկական անկախութեան իմաստը: Ահա այս է իտէալական անկախութիւնը: Տարիներու բռնատիրութենէ ձերբազատած երկիր` իր հզօր կամքով, հին պատմութեան էջերէն ելած` այսօր արդէն քայլ կը պահէ արդիականացման նոր դարաշրջանին հետ:

 

 

Պարտինք Զայն Փայփայել Ու Խնամել Մանուկի Մը Պէս

$
0
0

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ
Ապագայ լրագրող

1918-ին, գրաւուած Հայաստանն ու ստրկացած հայութիւնը, 800 տարուան ընկճուածութենէ ետք, տիրացան անկախութեան: Անկախութիւնը անոնց չհրամցուեցաւ, այլ անոնք իրենց բազուկներով տիրացան անոր:

Ի՞նչ է կեանքը թռչունի մը, որ բանտարկուած է վանդակի մը մէջ: Ան լոյս աշխարհ եկած է ազատ թռչելու համար, ճախրելու համար անծայրածիր կատարներու վրայ: Կարելի չէ զայն կաշկանդել նոյնիսկ ամէնէն լաւ պայմաններուն մէջ, որովհետեւ անոր բնազդը թռչիլ կը պահանջէ:

Նոյնն է պարագան մարդ արարածին:

Ազատատենչ Միքայէլ Նալպանտեան կը գրէ.

«Մինչ գիշերը անհանգիստ
Օրօրոցում կապկապած
Լալիս էի անդադար,
Մօրս քունը խանգարած,
Խնդրում էի նրանից
Բազուկներս արձակել.
Ես այն օրից ուխտեցի
Ազատութիւնը սիրել»:

Սա կը նշանակէ, որ անգիտակից մանուկը նոյնիսկ ի բնէ ու ի ծնէ կը պաշտէ ազատութիւն եւ անկախութիւն: Եթէ մանուկը կը պահանջէ ազատութիւն, ապա ինչպէ՞ս կարելի է կաշկանդել չափահաս ու գիտակից անձ մը, կամ ինչպէ՞ս կարելի է կաշկանդել ու ազատազրկել ազգ մը ամբողջութեամբ:

Պատմութեան մէջ գրեթէ բոլոր պատերազմները մղուած են վասն ազատութեան: Ազատութիւն` երկրի, կրօնի ու գաղափարի: Ազատութիւն` մտքի ու հոգիի: Հոգիի, որովհետեւ երբ միտքը ընկճուած է, հոգին կ՛ընկճուի, եւ երբ հոգին ընկճուի, մարդ արարածը կը դառնայ յուսահատ ու ենթարկուող:

Ու Միքայէլ Նալպանտեան անդրադառնալով ճակատագիրի հետ իր երկխօսութեան` կը գրէ.

«Ազատութի՞ւն,- ինձ կրկնեց
Ճակատագիրը վերեւից.-
Ազատութեա՞ն դու զինուոր
Կամիս գրուիլ այս օրից:
Ո՜հ, փշոտ է ճանապարհդ,
Քեզ շատ փորձանք կը սպասէ.
Ազատութիւն սիրողին
Այս աշխարհը խիստ նեղ է»:

Այո՛, ազատութեան տիրանալը դիւրին չէ՛, ազատութեան ճանապարհը իսկապէ՛ս փշոտ է. ազատութեան տիրացողը անսակարկ հերո՛ս է: Սակայն հերոսութիւնը ազատութիւնը պահելուն մէջ է: Մենք, երբ տիրացանք ազատութեան, երբ հռչակեցինք անկախ հանրապետութիւն, տուինք հազարաւոր զոհեր, որոնք թափեցին արիւն, սակայն մեռան ազա՛տ` վասն ազատութեան, վասն անկախութեան: 1918-ի նորահռչակ հանրապետութեան անկախութիւնը երկար չտեւեց: Քանի մը տարի ետք մենք ինկանք ռուսական ժանիքներու մէջ: Այս շրջանին արեւելահայ ժողովուրդը զետեղուեցաւ ռուսական կաղապարի մէջ: Սակայն 21 սեպտեմբեր 1991-ին ռուսական կաղապարը կոտրուեցաւ, եւ Հայաստանն ու հայութիւնը 70 տարի ետք վերանկախացան:

Ուստի, ըլլալով տանջուած ազգ` վասն հայրենեաց անկախութեան, պարտինք զայն փայփայել ու խնամել մանուկի մը պէս: Ակնթարթով մը չէ՛, որ ունեցանք զայն: Գիտնա՛նք անոր արժէքը, ապրի՛նք անոր խորհուրդով: Երկրին ղեկը յանձնենք վստահելի, պատուախնդիր, ազգային ու հայրենասէր անձերու… սակայն կուրօրէն չպաշտենք զանոնք, որպէսզի յանկարծ  անդունդ չառաջնորդուինք: Հաւատա՛նք, որ մենք ծնած ենք անկախ ու գործենք այնպիսի հեռատեսութեամբ, որ յանկարծ զայն չենթարկենք վտանգի: Արեւելահայերէնը մաքրենք ռուսերէն աղաւաղիչ արտայայտութիւններէ, իսկ արեւմտահայերէնը դարձնենք, արեւելահայերէնի կողքին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզու, որովհետեւ, ի վերջոյ, Հայաստանը բոլորիս հայրենիքն է, իսկ արեւմտահայերէնի վտանգուած ըլլալու հարցը` բոլորիս մտահոգութիւնը: Մեր զաւակներուն աղօթքի պէս սորվեցնենք Միքայէլ Նալպանտեանի «Ազատութիւն»-ը, որ ի պահանջել հարկին` կեանքի գնով գոչեն.

«Թող որոտայ իմ գլխին
Փայլակ, կայծակ, հուր, երկաթ,
Թող դաւ դնէ թշնամին,
Ես մինչ ի մահ, կախաղան,
Մինչեւ անարգ մահու սիւն,
Պիտի գոռամ, պիտ կրկնեմ
Անդադար. ազատութի՜ւն»:

 

 

 

 

Հայաստանի Հանրապետութեան 27-րդ Տարեդարձին Առիթով. Ժամանակ Տալ Ժողովրդավարութեան

$
0
0

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Պետութեան մը համար մտաւորական գործնապաշտութեան տեսլական ներշնչելը ազգային դաստիարակութեան մաս կազմող պարտաւորութիւններէն է:

Տեսլականները երբեմն ինքնակոչ բնոյթ կ՛ունենան, բայց միշտ ալ գաղափարական չեն. կան նաեւ լիարժէքօրէն ընկերայինները, որոնց կարգին իմ հասկացողութեամբ անոնց մէջ առաջնակարգ բաժին կ՛ունենայ երկրի մը կառավարման ու ընկերակենցաղային համակարգի բարելաւման ու բարգաւաճման խիղճն ու հասունութիւնը կազմող ներկայացուցչական ժողովրդավարութիւնը, որուն մասին պիտի գրեմ այսօր, Հայաստանի Բ. Հանրապետութեան 27-րդ տարեդարձին զուգադիպող բարեպատեհ առիթով:

Կ՛ըսեմ` երկրորդ հանրապետութիւն եւ հոն ալ կը մնամ: Ոմանք անհասկնալի վերլուծաբանութիւններով կը խօսին երրորդ հանրապետութեան մասին, իսկ Երեւանի մէջ 2018-ի մայիս-յունիս ամիսներուն գումարուած Լրագրողներու 9-րդ համագումարին ընթացքին լսեցի զարմանահրաշ Չորրորդ Հանրապետութեան մը մասին ալ` տիրող խաբկանքներու շփոթը բազմապատկելով:

Կը թուի, որ հանրապետութիւնները չնաշխարհիկ սունկերու պէս անսանձօրէն կը բուսնին: Մտաբերենք պահ մը միայն, որ մէկ հանրապետութիւնը միւսէն որքա՜ն մօտ, նոյնքան մըն ալ որքա՜ն հեռու, երկար եւ տարբեր է միւսէն` ժամանակով, ծաւալով, քանակով, որակով, ռազմավարական թիրախներով:

Վերադառնանք, սակայն, այսօրուան մեր բուն նիւթին, որն է ժողովրդավարութիւնը` իբրեւ մտապատկերային կառավարելաձեւ ու առօրեայ ապրելակերպ, մարդաբանական վերաբերում, ուսում-կրթութիւն-դաստիարակութիւն, ընկերաբանական հաւաքական մակարդակ, արուեստ ու քաղաքակրթութիւն, մտածողութեան ուժ ու յաճախականութիւն եւ ասոնց առընթեր բազմահնար մարտահրաւէրներ, որոնք ոճաւոր կեանքի արժէքային առաջնահերթութիւնները կը հանդիսադրեն մեր ժամանակին մէջ ապրող սերունդներու տագնապներով ու յուսախաբութիւններով:

Վերլուծա՞ծ ենք, թէ ի՛նչ ձեւով ժողովրդավարական տրամաբանութիւնը մասնակից կը դառնայ հայ կեանքին մէջ, քանի քաղաքացին միշտ ալ իր բազմապատկուող պահանջները պիտի ունենայ:

Հասկցած ենք անշուշտ, որ երկրի մը մէջ որքան կը զօրանայ ժողովրդավարութիւնը, այնքան կը նահանջէ անձնակեդրոն մենիշխանութիւնը, քաղաքական կամայապաշտութիւնը, զանազան պատկերացումներով դրսեւորուող, կամ չդրսեւորուող տարբեր դիմագիծներու ետին քողարկուող բռնատիրութիւնը:

Հայաստանի մէջ 100 տարիէ ի վեր ժողովրդավարութիւնը վտանգի ենթակայ է. անկէ առաջ ալ պատկերը այնքան խրախուսական չէր, տրուած ըլլալով, որ մեր ժողովուրդը ապրած է ռուսական, պարսկական, արաբական, բիւզանդական, օսմանեան, թրքական ու խորհրդային գերիշխանութիւններու տիրապետութեան տակ: Մեր այսօրուան վիճակին համար, հիմա, չե՛նք ուզեր գիտնալ, թէ ո՛վ աւելի յանցաւոր է նախորդներէն: Հարցը դէմքերու եւ կառոյցներու կը վերաբերի ամենեւին, եւ մենք հոս չենք ուզեր տարամերժ տարբերակներու խաղին զոհը դառնալ: Գիտենք սակայն, որ կիզող երկաթը մերկ ձեռքով միայն միամիտներն ու անգէտները կը գրկեն:

Հայաստանը հայրենիք է, եկէք` պարզ տարածքի չվերածենք եւ իր ազգային ու քաղաքական դերակատարութենէն չշեղինք` զայն փոքրացնելով:

Պնդողներ կան, որ բռնատիրական վարչակարգերը, եւ աւելի լայն իմաստով ալ` բռնատիրական ըմբռնումները, վերջին տասնամեակներուն ընթացքին հետզհետէ կը մեղմանան, կը նուազին, կը հակակշռուին:

Անկեղծ ըսած` կը դժուարանամ այս տեսակէտին լիովին պաշտպան կանգնելու, քանի որքան բռնատիրութիւնը, նոյնքան մըն ալ ժողովրդավարութիւնը խաբող ու խաբուսիկ տարբեր ու տարբեր դիմապատկերներով կը ներկայանան նաե՛ւ հայ կեանքին մէջ, սա տարբերութեամբ միայն, որ խաբկանքներու շրջանը քիչ մը երկար տեւած է ու կը տեւէ:

Ժողովրդավարութիւնը հունաւորուած քաղաքակրթութեան զէն ու զրահի վերջին հաստատ վահանն է, եւ հիմնականօրէն կառչած կ՛ըլլայ պետութիւն-քաղաքացի փոխադարձ վստահութեան գրաւականին վրայ: Այս իմաստով ալ զայն կը համարեմ ժողովրդավարական ապաստանարանի վերջին բերդը. կը բաւէ միայն, որ պատմութեան մէջ ուզենք էջ մը աւելցնել` մենք մեր միջեւ երկար խօսելէ եւ լաւ հասկցուելէ ետք:

Եկէք` մենք մեզի հետ քիչ մը անկեղծ ըլլանք. դուք այդպիսի բան կը տեսնէ՞ք հայ կեանքին մէջ, երբ այդ կեանքին ընթացքը վերածուած է մէկը միւսէն աւելի բարդ, յաջորդող տագնապներու ու առօրեայ ոդիսականի արկածախնդիր զառիվերի մը նկարագրականին:

Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը մեր անկախութիւններէն ասդին բացարձակ մշակոյթ ստեղծած չէ: Մեր շարժուն թէ անշարժ կեանքը յեղափոխական օրեր չ՛ապրիր:

Ստեղծագործելու տրամադրութիւն եւ նախապայմաններ կը տրամադրէ՞. պատուհանները բանալու եւ սենեակը մաքուր օդով լեցնելու տրամադրութիւն ունի՞: Իր ներքին վախերը յաղթահարելու ուժը պիտի գտնէ՞: Սափորը շատ անգամ աղբիւր կ՛երթայ, բայց մէկ անգամ կը կոտրի:

Հայաստանի մէջ 1989 թուականէն ի վեր ծնած սերունդը, երբ կը տապալէր Պերլինի պատը եւ անոր յարակից տապալող կարգ մը այլ բաներ` Արեւելեան Եւրոպայի մէջ 30 տարեկան կ՛ըլլայ, ինչ որ ի վիճակի է որոշ յստակատեսութեամբ դիմագրաւելու ե՛ւ Գերմանիոյ, ե՛ւ Խորհրդային Միութեան, ե՛ւ անմիջականօրէն իրեն ենթակայ Խորհրդային Հայաստանի պատմական հետագայ զարգացման իրադարձութիւններու յաջորդականութեան յարակցութիւնները:

Հանդուրժողութեամբ համաձայն ըլլալն ալ յանցանքի բաժին կը կրէ իր մէջ:

Այսօր կ՛ապրինք «գոյապաշտական ընկերվարութեան» ծնունդ տուած նոր սերունդի մը հայեցակէտային խարխափող իրականութիւնը, որ մեծ ճիգով կը փորձէ իր վրայէն թօթափել դժխեմ ժամանակներու հեռաւորութիւնը, քանի «գոյապաշտական ընկերվարութիւնը» այսօր որոշ պատմագէտներու, տեսաբաններու, քաղաքական վերլուծաբաններու եւ միջազգայնագէտներու կողմէ կը համարուի «գոյապաշտական տագնապ» մը` անցեալի ու ներկայի իր հետեւանքներու պատասխանատուութեանց համեմատական չափանիշներով: Ձախը` իր առաջնահերթութիւններով, աջը` իր նախընտրութիւններով: Ամէն ինչի մէջ երկու ընտրանք պիտի ըլլայ:

Հոս պիտի արժէր թերեւս մէջբերել նոյնինքն Ուինսթըն Չըրչիլի մէկ նախադասութիւնը, որ խորհրդային համակարգը բնորոշած էր` «Առեղծուած մը` փաթաթուած առեղծուածի մը մէջ, որ իր կարգին քողարկուած է հանելուկի մը մէջ»…

Ինչպէ՞ս կ՛ընդունինք այսօր անկախութեան մեր ժառանգած պատգամները: Անոնք կ՛արտացոլա՞ն մեր կարօտն ու ակնկալութիւնները…

***

Դարեր առաջ, երբ հին ու դասական Աթէնքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ստեղծուեցաւ «տիմոքրաթիա»-ն (ժողովրդավարութիւնը), օրուան բեմերուն եւ հասարակական ամպիոններուն վրայ յայտնուեցան կեանքի ընկերային հրապարակը հարստացնող հռետորներ, ճառախօսներ, որոնք հիմնականօրէն ժողովրդավարութիւնն ու անոր բարիքները անսանձօրէն գովաբանելու ու ժողովուրդը տուեալ արժէքներով կրթելու պատմական նոր էջ մը բացին: Անոնց կողքին յայտնուեցան նաեւ «սկեպտիկիստներ» ու «տիմակոկներ», որոնք իրենց նոյնքան ճաճանչամիտ փիլիսոփայութիւնը կը հիմնէին շեշտակիօրէն այլակարծիք ըլլալու բազմազանութեան վրայ եւ ճարտար ատենախօսութեանց հրապարակումներու ոճով ժողովուրդի կիրքերը հրահրելու հայրենասիրական, ռազմական, ընկերային ու ժողովրդային հարցերու արծարծումով տարբերակուած համոզումներ կը դրսեւորէին, թէկուզ` հրահրուած խորքով ու վերլուծումներով, անհաշտ միջավայր մը ստեղծելով աթենական կեանքին մէջ: Հակառակ ասոր` աթենական ժողովրդավարութիւնը հազիւ 70-80 տարիներու հիմնադրութիւն մը ունեցաւ, բայց անոր տեւողութիւնն ու խորհրդանշական տեւականացումը` իբրեւ գաղափար, իբրեւ իմաստ, իբրեւ ժողովրդավար կառավարելաձեւ, փիլիսոփայութիւն ու խորհրդանիշ` կը գոյատեւէ դարերու խորքին մէջ, ամէն օր ու ամէն վայրկեան ինքզինք սրբագրելու եւ բարելաւելու ակնկալութեամբ, յարաբերաբար պատշաճելով դարերու պարտադրած ժամանակակից հոլովոյթի ըմբռնումներուն, անկախ տիրող ու ուռճացող գաղափարաբանական շփոթներէն: Զգուշ ըլլանք. ծափահարութիւններ կան, որոնք թիւրիմացութիւններ կը ստեղծեն:

20-21-րդ դարերու ժամանակները գլխիվայր շրջափոխուած են: Այսօր ժողովրդավարութիւնը զոհն ըլլալով համաշխարհայնացման անգութ ու հարթող գլանին` այնքան ալ գրաւիչ ու ժողովրդավար ըլլալ չի յաւակնիր, քաջ գիտնալով, որ չի ներշնչեր իր ժամանակին մէջ ապրող բազմազգ քաղաքացիները: Ալ ո՜ւր մնաց` աշխարհի իշխանութիւնները: Ժողովրդավարութիւնը դեռ իր իրական դիմագիծը ցոյց տուած չէ:

Ժողովրդավարութեան օրրան համարուող «ծեր ցամաքամասը»` Եւրոպան, իր յարափոփոխ ու լուսամիտ գաղափարներով պարզապէս քիչ մը աւելի յառաջադէմ կրնայ համարուիլ ժողովրդավարական հարցերուն մէջ մեր գիտցած Ասիայէն, Ռուսիայէն, Չինաստանէն, Թուրքիայէն, Ազրպէյճանէն, արաբական աշխարհէն, Կովկասէն:

Եւրոպական Միութեան միացման գաղափարի ճարտարապետներէն Ժան Մոնէ իր մահէն առաջ (1979), անդրադառնալով եւրոպական գաղափարախօսական հեռազգայնութիւններու մասին, մտահոգութիւն յայտնած էր` ըսելով. «Սխալ ըրինք, որ Եւրոպական Միութիւնը ստեղծեցինք. նախապէս պէտք էր ժողովրդավարութիւնը ստեղծէինք, վերջը` Եւրոպական Միութիւնը»:

Այս կը նշանակէ՞ արդեօք, որ քաղաքակրթուածօրէն յղկուած հասկացողութիւններով ժողովրդավարութեան գերգնահատուած իմաստ տուինք:

Եւրոպայի պարագային եւս, գիտենք, որ բոլոր ժողովուրդներուն ըմբռնումը ժողովրդավարական արժէքներու չափանիշներու մակարդակին նկատմամբ համազօր չեն եւ տրամաբանօրէն ալ համազօր ու համաչափ չեն կրնար ըլլալ:

Այս իմաստով հարց կը ծագի, թէ տրամաբանութիւնը քաղաքականութեան մէջ տեղ ունի՞. փաստօրէն` ի՞նչ տեղ կը վերապահուի իրեն:

2012-ին մահացած Ֆրանսայի Համայնավար կուսակցութեան տեսաբան, տնտեսագէտ, գրագէտ ու փիլիսոփայ Ռոժէ Կարոտին, Եւրոպայի անփառունակ իրավիճակներու անդրադարձող դիւանակալութեան մասին դիտել կու տար, որ` «Անցեալին ամէն ինչ քաղաքակրթութիւն էր, այսօր ամէն ինչ տնտեսութիւն է. հիմա քաղաքակրթութիւնը պիտի պատշաճեցնենք շուկաներուն»: Իսկ նոր ըմբռնողութեամբ ալ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն մէկ մասը իր երկրին ղեկավարութիւնը կը համարէ Պրիւքսելէն հեռաձայնով հրահանգ ստացող գործակատարի, որ կոչուած է կեդրոնի ու իր քաղաքականութեան որոշումները կամ քաղաքականութիւնը անվերապահօրէն կիրարկելու:

Ժողովրդավարութիւնը դիւրին-դիւրին ափսէի մէջ չի հրամցուիր:

Լուր առա՞ծ ենք, որ մեր օրերուն իմաստութիւնը բնորոշող նոր տեսակէտներ սկսած են յայտնաբերուիլ: Չէ՞ որ նոր տեսակէտները տեսակաւոր բազմազանութիւն կը ստեղծեն եւ խտացած իմաստները աւելի կը խտացնեն:

Այսօր ո՞ր երկիրը քաղաքակրթութիւն կ՛արտադրէ, այն իմաստով, որ դասականօրէն մտածող մարդիկ քաղաքակրթութիւնը կ՛ըմբռնեն եւ ժամանակներն ու իմաստները իրար կը խաչաձեւեն:

Բրիտանացի պատմագէտ տոքթ. Ռոպերթ Ֆոքս, որ շօշափած է 18-րդ դարէն սկսեալ քաղաքակրթական հարցեր, կ՛ըսէր, որ` «Անցեալին քաղաքակրթութիւնը անցագիր էր պետական գործի մէջ ընդունուելու համար, հիմա անգործութեան ցուցանիշի վերածուած է»:

Քաղաքակրթութեան համար քանի՞ հոմանիշ բառեր ունինք հայոց լեզուին մէջ: Վախնամ, որ սերունդ մը եւս պիտի կորսնցնենք այդ հոմանիշներու փնտռտուքի վազքին մէջ: Այնուամենայնիւ, շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոնց, որոնք հոմանիշներով զբաղեցան ու զարգացուցին զանոնք:

***

Հայաստան-Արցախ-սփիւռք, ներկայ ժամանակներու պահանջներէն բխող առաջնահերթ հրամայականներու զուգահեռ, առիթ ստեղծա՞ծ ենք խօսելու, քննելու, գործակցութեան կամուրջներ նետելու հանրապետութեանց վերաբերող ժողովրդավարական կենսափորձի հարցերու շուրջ: Կարծեմ, աւելի ճիշդ` վստահ եմ, որ ո՛չ: Բայց Հայաստանը առաջուան կարեւորութիւնը ունի՞ հայերուն համար: Արդեօ՞ք կորսնցուցինք մեր հայրենասիրութեան աւանդական «մոլեռանդութիւնը»: Հաւատարմօրէն կը ծառայե՞նք հայրենիքին: Քննենք պատճառները, ո՛չ առիթները:

Անցնող 27 տարիներուն ընթացքին, զանազան առիթներով Հայաստանի, Յունաստանի ու եւրոպական երկիրներու մէջ` Հայաստանի ու Արցախի նախագահներու, վարչապետներու, Ազգային ժողովի նախագահներու, նախարարներու, պատգամաւորներու, կուսակցապետներու եւ զինուորական բարձրաստիճան զինուորականներու հետ արծարծած եմ հայրենիքին մէջ ժողովրդավարութեան հետ անմիջականօրէն առնչուած հարցերու գործադրութեան տեսակէտներ: Խոստովանիմ, որ ո՛չ իսկ մէկ հոգի սա կամ նա ձեւով հակազդած է ըսուածներուն: Ընդհակառակը, բոլորն ալ բաւականացած են յայտնելով, որ` «պիտի սորվինք», «ատոր կարգն ալ պիտի գայ», «հազիւ դիմագրաւուին որոշ առաջնահերթութիւններ, ատոնցմով ալ պիտի զբաղինք»: Բացի մէկ պարագայէ, որ չեմ կրնար չնշել, երբ գաղութային հաւաքի մը ընթացքին նախարար մը կատարուած մատնանշումի մը դիմաց հեգնանքով հակադարձեց. «Դուք մեզ այնքա՛ն միամիտ կը կարծէք»…

Քաղաքական մարդոց աներկմիտ ու կեղծաւոր այս պատասխաններուն պատճառով մինչեւ այսօր թերահաւատ մնացած եմ. դժբախտաբար ալ սխալած չեմ: Ամէն գաղափար տեւողութիւն մը կրնայ ունենալ. ատոր ժամանակը վերջացած է:

Բայց տեսէ՛ք, ո՞վ կը շահագրգռուի այսօր ժողովրդավարութեամբ: Անկեալ նախագահ Սերժ Սարգսեան հազիւ վերջին երկու տարիներուն այդ բառը իր խօսքերուն մէջ որոշ պարագաներու աննկատ կերպով կը սպրդեցնէր: Եւ` այսքա՜ն… Իր երկու նախորդներուն բերնէն այդ բառը երբեք չէր արտասանուեր. ալ ո՜ւր մնաց` անոր իմաստը: Ժողովրդավարութիւնը կենդանի զոհն էր Խորհրդային Միութեան 7 տասնամեակներու ամբողջատիրական վարչակարգին: Մէկ օրէն միւսը կոլխոզէն ու սովխոզէն ձերբազատիլն ու փերեսթրոյքային ու կլասնոսթին ապաւինիլը այնքան ալ դիւրին գործ չէր նոյնինքն պատմական գիտութեան ու իրաւական հարթակի մշակոյթին համար: Այդ իմաստով ալ այդ արդարացումները գաղափարական որեւէ հեղինակութեան չարժանացան, որովհետեւ աւանդականօրէն գաղափարական արմատներ չունէին:

Մեր քաղաքականութիւնը միշտ ալ թերագնահատուած եղած է, որովհետեւ մեր ժողովուրդը ազգային ու քաղաքական կառոյցներուն հետ բնաւ ալ լաւ կապեր ունեցած չէ: Մեր փորձառութիւնն ալ մեզի սորվեցուցած է, որ մեր քաղաքական ղեկավարութիւնները դժուար համոզած են ժողովուրդը` իրենց բոլորովին զուտ ազգաշահ դիտաւորութիւններուն համար: Խնդիրը նոր էջ բանալ եւ ամէն բան իր տեղը գտնելու մտահոգութեան մէջ կը կայանայ:

Բացառիկ յատկութիւն չէ իմանալը, որ ժողովրդավարութիւնը ազնուագոյն մշակոյթ է, դաստիարակութիւն է, ապրելակերպ է, նոր իմաստներու պատշաճելու արուեստ է, ու շա՜տ ու շա՛տ մը այլ բաներ, առանձին թէ զուգահեռաբար միաժամանակ: Ժողովուրդին բացատրել պէտք է այս բոլորին առաւելութիւններն ու բարեմասնութիւնները, եւ մշակոյթի տեսլականներ ներշնչել` ազգային կազմաւորուած անհատականութեան նկարագրի մը տիրանալու համար:

Քիչ չեն երկիրներն ու ժողովուրդները, որոնք ժողովրդավարութեան ու այլեւայլ վարչակարգերու տարբերութիւնները ճիշդ զանազանել չեն յաջողիր: Հարցը լուրջ է, բայց իմաստ ալ չունի` ասոր ճիշդ համեմատութիւնները ստուգաբանելու համար հետախուզող վիճակագրութեան մը ձեռնարկելու իմաստով: Ժողովրդավարութիւնը մեր կեանքի երկրորդ դէմքն է: Երբեմն անգոյ:

Ժողովրդավարութիւնը անցողակի խորհրդանշական բան մը չէ, բայց մեր պարագային, խոստովանինք, որ կորսնցուցած է իր մրցունակութեան թռիչքը եւ վերածուած է ժողովուրդը բռնազբօսիկ վիճակներու ընդմէջէն դէպի հիասթափութիւն առաջնորդող հարկադրող վիճակի մը:

Այսօր ո՞ւր կը գտնուինք: Ոմանք կը գնահատեն,  որ լաւ ճամբու մէջ կը գտնուինք: Ուրիշներ ալ, աւելի իրապաշտները կը պնդեն ճիշդ հակառակին համար: Երկուքի պարագային ալ ժողովրդավարութեան չհասունցած «առասպելը» Հայաստանին համար ե՛ւ ազգային է, ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ ընկերային արդարութեան վերաբերող, մանաւանդ որ հայկական պատմական յիշողութեան ու սարսափի օրերու յիշատակներ կ՛արթնցնէ: Այդ յուշը պէտք է ապրի, այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը կը համարձակի ապրիլ ու գոյատեւել իր անձի մենակատարութեամբ:

Ուղղախօսօրէն` ժողովրդավարութեան ապագային շուրջ թարմացած ըմբռնողութիւն մը պէտք է զարգանայ, առանց հայու պատմախօսական իրապաշտութիւնը անտեսելու եւ առանց գաղափարական կեդրոնացումի անցեալի զոհը դառնալու, այլապէս պիտի շարունակենք վճարել անցողակի վնասներու գերակայ փրկագինը եւ պիտի խօսինք երեւակայական նուաճումներու մասին:

Պատրանքներով չապրինք. ջայլամը որքան ալ իր գլուխը աւազին մէջ մխրճէ, որսորդին փամփուշտէն պիտի չազատի…

Անբարդոյթ տրամադրութեամբ հաստատենք. հայ ժողովուրդը ֆիզիքական ու հոգեկան խոշոր վէրքեր ստացած է ժողովրդավարութեան պակասէն: Մինչեւ այսօր փորձ կը կատարուի հայրենիքի ներքին մթնոլորտը բարելաւելու` նոր հայու ինքնութեան մը կերտումով, այնպիսի բարեկարգուած միջավայրի մը մէջ, ուր հայրենասիրական տրամաբանութիւնը ամէնէն զարմանալի կաշառակերութեան դէպքերուն դիմաց պատասխան մը չի կրնար գտնել:

Մեր պատմութիւնը մեր հազարամեակներու պատմութեան անխուսափելի ու անառարկելի շարունակութեան հետեւանքն է` իբրեւ իրադարձութիւններու խաչմերուկ ունենալով անկիւնադարձային թուականներ` 1915, 1918, Բ. Համաշխարհային պատերազմը եւ այդ տարիներու իր տուած բազմահազար զոհերով, Արցախի ազատագրումը, 1991-ի Հայաստանի հանրապետականացումը: Ասոնք քով-քովի կը շարենք, որովհետեւ առանց այս թուականներուն` մեր պատմութիւնը պակասաւոր կ՛ըլլայ: Ասոնցմով ալ ատոնց առաջնահերթութիւններու մրցունակութիւնն ալ կը տժգունի, քանի մրցակցական քաղաքականութիւնը շատ դժուար բան եղած է: Բայց պէտք է այդ մասին գրել, քանի անոր յուշը մեր պատմութեան մասունքներուն կը պատկանի իր յայտնի թէ անյայտ հեռանկարներով:

Հայաստանի ապագան ձեւով մը ծանօթ է, մասամբ ալ` անծանօթ:

Գիտէ՞ք, թէ որքա՜ն մեծ շփոթ կը տիրէ ասկէ-անկէ անցեալին հրապարակուած ու ներկայիս հրապարակուող քաղաքական անհիմն ու վիճայարոյց վերլուծումներու, մեկնաբանութիւններու, զանազան հարցերու շուրջ կատարուող գնահատումներու պատճառով, որոնք մասնաւորաբար սխալ ուղղութիւններով կ՛առաջնորդեն մեր սերունդներու բարոյական ընտրանքները: Այս շփոթները մտահոգիչ են, որովհետեւ գին չունին: Դժուար է երիտասարդ ըլլալ այսպիսի միակտուր շրջապատի ու միջավայրի մը մէջ, ուր աւելի մեծերը կը պատսպարուին անցեալի գաղափարական թղթապանակներու, իսկ աւելի նորերն ալ կը պահուըտին ներկայի յստակ-անյստակ ըսածներու եւ ըրածներու վարագոյրի ետին:

Մեր ազգային ռազմավարութեան ընտրանքները պարզ ու հասկնալի բառերով պիտի բացատրուի՞ն երիտասարդներուն: Մեր ազգային մարտավարութիւնն ու դիմադրականութիւնը ծերացած է կարծես:

Ընտրութեան առիթ կը տրուի՞: Նախընտրութեան իրաւունք ունի՞նք Հայաստանի մը հաշուոյն, որ կամաց-կամաց եւ անխուսափելիօրէն չափահաս կը դառնայ: Ժամանակը եկած չէ՞ քիչ մը աւելի լուրջ բաներու մասին խօսելու, քանի հայրենասիրութիւնն ալ քիչերու համար մնացած է` ամէն բանի յարմարող պատեհ սնոտիապաշտութեամբ:

Հայրենասիրութիւնը հակակշռելի՞ է:

Իրապաշտ մօտեցումով, եկէք, մենք մեզի հարց տանք: Մեր ազգային ու գաղափարական մարտահրաւէրները ինչպէ՞ս ժողովրդավարական համարել, երբ անոնք չեն բազմապատկուիր որակային անհրաժեշտ յանդգնութեամբ, երբ գաղափարական «շահերը» իրարու հետ չեն ներդաշնակուիր:

Ժամանակները զիրար կը կրկնեն եւ կը վերապրին իրենց ձախողութիւններուն տագնապը: Զգացական տարբերութիւններէ բխող վտանգները միշտ առկայ պիտի ըլլան` յիշեցնելով անհեթեթի թատրոնը:

Առակագիր Եզովբոս միտք մարզող ոճով կը թելադրէր որեւէ գէշ բանի առաջքը առնել առաջին վայրկեանէն, այլապէս, երբ ուշանայ ու մեծնայ, աւելի դժուար կ՛ըլլայ անոր դիմագրաւումը:

Փաստ է, որ հայ կեանքին մէջ ազգային սխալներ օգտագործուեցան ճիշդ թէ սխալ մարդոց կողմէ, ճիշդ թէ սխալ պարագաներու, տարբեր որակներու ընտրանքը խափանելով:

Եզրակացնենք. պատմական հաշիւներ ունինք բանալիք ու փակելիք. բանա՜նք, փակե՜նք. հասնինք մինչեւ վերջ, այլապէս, գացող-եկող ղեկավարութիւնները պիտի գան ու երթան` առանց որեւէ կնիք ձգելու իրենց անցքին վրայ, ապրելով ու ապրեցնելով մեր հնամենի պատմական ողբերգութեան անէծքը: Հարց է արդէն, թէ ղեկավարութիւնները ազգային ո՛ր հարցերուն երաշխաւորութիւն կու տան:

Ինչ որ կը մսխենք, լաւագոյնը չէ, անհրաժե՛շտն է: Անհրաժեշտը լաւագոյնի կրնանք վերածել: Առարկայական դատողութիւնը համապատասխան է իր որակին ու արժէքին, երբ մանաւանդ պառակտումին չափը անծանօթ կը մնայ:

Ուստի պէտք է յստակ գիտնանք, թէ ի՛նչ կը տօնենք այսօր: Այս մէկը քաղաքականութեան հարց է: Տեսլականներով սերունդներ կը զարգանա՞ն, թէ՞ երիտասարդութեան բացակայութիւն կայ: Երիտասարդներուն կէսը պատմութիւն գիտէ, մնացեալ կէսը անտեղեակ է: Պատմութիւնը կը սորվեցնէ այն, ինչ որ ուրիշներ չեն դասաւանդեր: Բայց մեր պատմութիւնը վտանգի ենթակայ է:

Բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ են:

Ժողովրդավարութիւնը իր նկարագիրը կը փնտռէ մեր հանրապետութեան մէջ: Ժամանակ տանք, որ բարգաւաճի: Բռնատիրական վարչակարգերը տեւական կեանք չեն ունենար եւ կը վերարժեւորեն իրենց դերը ժամանակին մէջ:

Կովկասի մէջ, Հայաստանէն զատ, մնացեալ երկիրները «եւրոպական» չեն համարուիր արդէն:

Մտքի ու զգացումներու մսխումի ժամը անցած է. մտածենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ մեր շարունակութիւնը. փոխենք մեր հռետորականութիւնը. կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, ուր ժողովրդավարութիւնը կը մսխէ իր առաքինութիւնն ու առաքելութիւնը:

Հայերը կ՛երթան, բայց Հայաստանը կը մնայ:

Անորոշութի՞ւնը, թէ՞ հանդուրժողականութիւնը պիտի ընտրենք իբրեւ հեռանկար:

Աթէնք

 

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, Դէպի Ապագայ –Ա. –Ինչպիսի՛ Ժառանգութիւն Մը Հասած Է Մեզի

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը յիշատակութեան եւ ազգային տօնախմբութեան արժանի տարի մըն է. պատճառներուն մասին խօսիլը աւելորդ է, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ ծանօթ է անոնց: Չենք ուզեր կանգ առնել այն իրականութեան առջեւ, որ 100-ամեակը չարժանացաւ համապատասխան տօնախմբութեան` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, որովհետեւ ժամանակակից դէպքեր եւ քաղաքական հրապարակը եռեւեփող իրադարձութիւններ «ողողեցին» այն հարթակները, որոնք սահմանուած էին այս տօնախմբութեան: Հանգրուանը բոլորովին անտես չմնաց, սակայն մնաց ընթացիկ իրադարձութիւններու շուքին մէջ: Մինչդեռ արդար յիշատակումը պէտք էր անցնէր սոսկական տողանցքի մը եւ կարգ մը ճառախօսութիւններու սահմանէն անդին, մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի կեանքին մէջ լուսարձակի տակ բերէր այն արժէքներն ու ժառանգութիւնները, որոնք ստեղծուած են 100 եւ աւելի տարիներ առաջ` անկախ պետականութեան արարումը իբրեւ ամէնէն թանկարժէք քաղաքական աւանդ հասցնելով մեզի ու գալիք սերունդներուն: Սակայն կ՛արժէ, որ պահ մը կանգ առնենք այդ ժառանգութեան եւ անոր ստեղծման պայմաններուն, հանգամանքներուն վրայ, որպէսզի կարենանք աւելի յստակ պատկերով դիտել այսօրն ու ապագան:

Նախ թող մեզի ներուի կատարել ճշդում մը. ճիշդ է, որ 2018 տարին Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան` դարերէ ի վեր կորսուած ու բռնադատուած հայկական պետականութեան վերահաստատման 100-ամեակն է, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ Սարդարապատի ու զուգահեռ ճակատամարտերու երկունքէն ծնած փոքրիկ Հայաստանը միայն այդ օրը չերեւցաւ աշխարհի քարտէսին վրայ, ոչ ալ կարելի է անտեսել այն ենթահողը, որ կերտուած էր դարերու ընթացքին զինեալ ու քաղաքական-դիւանագիտական գուպարներու ճամբով, եւ որոնց բարձրակէտն ու հանրագումարը եղան Սարդարապատն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հետեւաբար 100-ամեակը պէտք է առիթ ընծայէ մեր աչքերը յետադարձ կերպով սեւեռելու դէպի նախորդ դարերը եւ վերաքաղ մը ընելու այն իրագործումներուն եւ ուղիներու մշակման, որոնք հայութիւնը հասցուցին 1918-ի մայիս 28-ին. այդ ալ եղաւ հիմնաքարը Հայաստանի անկախութեան վերականգնումին` 21 սեպտեմբերի հռչակագիրով:

Թւումի կարգով արձանագրենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդիւնք էր ռազմական ու քաղաքական երկարաշունչ պայքարի մը, որուն սկսման համար եթէ շատ է վերադառնալ մինչեւ այն օրերը, երբ հայու հողին վրայ անկախ իշխանութիւնը կորուստի մատնուեցաւ, սակայն արդար է վերադառնալ գէթ մինչեւ Էջմիածինի մէջ 1668-ին կայացած պատմական ժողովը, որ նոր ազդանշան մը տուաւ ինքնիշխան պետութեան ծրագիրին: Յաջորդ տասնամեակներուն մեր պատմութիւնը արձանագրած է Իսրայէլ Օրի, Դաւիթ Բէկ եւ այլ լուսաւորող անունները, մինչեւ որ հասած են նորագոյն զարթօնքի տարիները` 19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ: Անկէ ետք մեր պատմութեան մէջ արձանագրուած են Իրաւունքի հետապնդման նախաքայլերը` պատրաստելով ենթահողը Պերլինի ու հետեւող միջազգային ժողովներուն, որոնք մեր Դատը կոթողեցին միջազգային բեմի վրայ: Այդ տարիներուն տեղի ունեցած են նաեւ Ազգային սահմանադրութեան կերտումն ու արեւելեան գօտիին մէջ` ռուսական իշխանութեան ենթակայ հայութեան կողմէ ազգային իրաւունքներու հետապնդման քայլերը, որոնք մարմնաւորուեցան պոլոժենիայով ու եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման դէմ ծառացումով:

Եթէ յիշեալները քաղաքական ենթահողն էին գալիքին, պէտք չէ մոռնալ, որ մեր ժողովուրդը մասնակից եւ առնչակից էր մեր հողերուն վրայ մղուած միջկայսերական պատերազմներուն: Այդ դարերուն Հայաստան բեմ դարձած է թուրք-պարսկական, ռուս-պարսկական ու ռուս-թրքական բազում պատերազմներու. թէեւ զուրկ անկախ պետութեան ընձեռած միջոցներէն` Հայաստանի ժողովուրդը մղած է ինքնապաշտպանական մարտեր, որոնց գլխաւոր փայլատակումները եղած են Զէյթունի ու Սասունի ինքնապաշտպանական կռիւները: Անոնցմէ առաջ ու անոնց զուգահեռ, արձանագրուած են ֆետայական բնոյթով ինքնապաշտպանական այլ հերոսամարտեր, որոնք իրենց արդար տեղը տակաւին չեն գտած մեր տարեգրութեանց մէջ: Պարզ օրինակ մը տալու համար յիշենք, որ վիպագիր Խաչատուր Աբովեան նաեւ անուղղակի ժամանակագրող մըն է իր «Վէրք Հայաստանի»-ին մէջ, երբ կը յիշատակէ Ապարանի եւ այլ շրջաններու մէջ մղուած ինքնապաշտպանական կռիւներ, յուզիչ ողբ ունի նահատակներուն մասին:

Անկախութեան հողի պատրաստութեան մէջ հիմնական դեր ունեցած են յեղափոխական այն առաջնորդները` Փորթուգալեան, Խրիմեան Հայրիկ եւ սերնդակիցներ, որոնց ցանած սերմերը իրենց կեանքի օրերուն իսկ ծաղկեցան ազգային կուսակցութիւններու կազմաւորումով. նախընթաց տասնամեակներու ֆետայական հատ ու կենտ, պարագայական թուացող ճակատումները այնուհետեւ հունաւորուեցան աւելի կազմակերպ ձեւով, ու մենք ունեցանք քաղաքական հզօր արձագանգներ ստեղծած ֆետայական ճակատումներ, ունեցանք Առաքելոց վանքի կռիւ, Խանասոր, ունեցանք Սասունի ապստամբութիւն եւ դեռ, Ցեղասպանութեան օրերուն, բազում հերոսամարտներ` Վանը, Ուրֆան, Շապին Գարահիսարը, Մուսա Լեռն ու այլք, որոնք մինչեւ այսօր իբրեւ լուսաւոր աստղեր կը փայլին սեւ ու կարմիր օրերու երկնակամարին վրայ:

Կարելի չէ անտեսել նաեւ այն իրականութիւնը, որ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը ծնունդ առաւ Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք, երբ տուած էինք 1,5 միլիոն զոհ, հսկայական տարածութիւն կորսնցուցած էինք մեր պատմական հայրենիքէն. անկախութիւն հռչակած Հայաստանը իր ուսերուն ունէր ծանր բեռներ, ինչպէս` հարիւր-հազարաւոր բռնագաղթուածներու տագնապը եւ ահագին քանդում: Հերակլէսեան ուժ պէտք էր ունենալ` դիմագրաւելու համար նման մարտահրաւէրներ: Ու այդ սերունդը կրցաւ ստեղծել այդ ուժը:

Այս բոլորը պէտք է արձանագրենք ու կրկին ու կրկին վերյիշենք, յիշեցնենք մեր նոր սերունդներուն` ոչ թէ տարուած սնապարծութեան զգացումով, այլ` տեսնելու համար, թէ անօգնական ու առանձին մնացած հայը ինչպիսի՛ իրագործումներու հասաւ, եւ որոնց ականջալուր բանաստեղծը օր մը երգեց. «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար…»: Փաստօրէն, Սարդարապատի «խենթ»-երէն շուրջ 3 տասնամեակ առաջ, Րաֆֆի վիպականացուցած ու անմահացուցած էր այլ «խենթեր»:

Հետեւաբար, երբ այսօր կը տօնենք հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը, պէտք է անդրադառնանք, որ Սարդարապատի աներեւակայելի սխրագործութիւնը եւ անոր բոլոր արդիւնքները մեր պատմութեան մէջ միայնակ փայլատակումներ չեն, այլ անոնց ռազմական ու քաղաքական ենթահողը երկնուած է դարերու ընթացքին: Այս գիտակցութիւնը մեզ պիտի առաջնորդէ այլ ճշմարտութեան մը իրազեկութեան. երկարաշունչ պայքարի ու աշխատանքի համագումարը եղող Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդը, իր կարգին, հիմնաքար ծառայեց յաջորդ տասնամեակներու նուաճումներուն, նոյնինքն` Հայաստանի վերանկախացման ու Արցախի ազատագրութեան: Եւ մեր ժողովուրդը նոյն կամքով պիտի շարունակէ երթը:

3-18 սեպտեմբեր 2018

 

 

Մեր Պահանջածը «Հին» Արժէքներով «Նոր» Հայաստան Է (21 Սեպտեմբեր 1991)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Մենք ո՛չ ռուսամէտ ենք, ո՛չ հակառուս, ո՛չ ամերիկամէտ, ո՛չ եւրոպամէտ, ոչ իրանամէտ: Հայաստան ինքնիշխան պետութիւն է, եւ իմ կառավարութիւնս հանդէս կու գայ բացառապէս մեր ժողովուրդի եւ մեր երկրի շահերէն մեկնած:

Նիկոլ Փաշինեան
(«Ազդակ», 17-9- 2018) 

Ամէն հայ ուրախութեամբ եւ ոգեւորութեամբ կրնայ արձագանգել ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին յայտնած Հայաստանի վարչապետին վերոնշեալ խօսքերուն:

Խօսքեր, որոնք արտացոլացումն են հայոց ազատ ու անկախ ապրելու հազարամեայ երազանքին, որուն իրականացման համար ազգ մը ամբողջ ոգի ի բռին պայքարած է, անմնացորդ նուիրաբերած, աշխատած, մարտնչած, ինքզինք կերտած, Ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ վերականգնած, եւ այս բոլորը` յանուն գերիշխան ու հզօր Հայաստանի, միացեալ հայրենիքի:

Միւս կողմէ սակայն, իւրաքանչիւր հայու արդար իրաւունքն է խորասոյզ աչքերով ու քաղաքական մտքի հասունութեամբ հարցադրումներ ուրուագծել ու յայտնել, թէ ինչո՞ւ հայ քաղաքական միտքը, պետական մտածողութիւնը առհասարակ տակաւին կը խարխափի եւ չի կրնար միանգամընդմիշտ ինքնիրմէ վանել ազգաքանդ խոցը` իրերամերժութիւնը, անհանդուրժողութիւնը, հայու մէջ թշնամի տեսնելու պիղծ եւ ստոր վերաբերումը, հալածանքի միտումը, աւելի՛ն. քաղաքական ու գաղափարական հակառակորդը անպայման չէզոքացնելու մոլուցքը:

Մատնանշումը կը վերաբերի այն պետական այրերուն, որոնք յաջորդաբար ստանձնեցին օրուան իշխանութեան համակարգը, ղեկավարեցին պետականութիւնը եւ օր մըն ալ անյայտացան  դղեակներու պչրանքին թէ անձնական շահերու մշուշին մէջ:

Արդ, ճիշդ այս հասկացողութենէ թելադրուած խորագիրին մէջ չակերտեցինք «հին» ու «նոր» ածականները, ընդգծելու, թէ ազգային բիւրեղացած արժէքները չեն հիննար երբեք, չեն կրնար մոռացութեան տրուիլ, անտեսուիլ եւ արժեզրկուիլ:

Փաստօրէն, ինչպէ՞ս կարելի է Արարատին հասնելու տեսլականը, անոր սէգ գագաթին հայոց սրբազան եռագոյնը ծածանելու դարաւոր երազը, Արցախը հայ պահելու հայոց կամքը, հայահաւաքի եւ հողահաւաքի գաղափարախօսութիւնը, այսպէս ըսած, ստորագնահատել, տղայական համարել, եւ ապա ըսել, թէ կ՛ուզենք նոր Հայաստան կառուցել:

Իսկ ի՞նչ է այդ տեսլականը, եթէ ոչ` ունենալ գերիշխան հայրենիք, որուն երկնակամարին տակ արժանահաւատօրէն շնչէ ու արարէ հայութիւնը, ունենայ ժողովրդավար հասարակութիւն, ստեղծէ արդարադատական պատուաբեր համակարգ, ամրապնդէ տնտեսական ուժը, հզօրացնէ բանակը եւ դառնայ 21-րդ դարու ոգիին համահունչ պետութիւն:

Միւս կողմէ, ինչպիսի՞ բացատութիւն տալ այն իրերայաջորդ քաղաքական վարքագիծերուն, որոնք փորձ կատարած են ջնջելու հինը, «հնաբոյր»-ը, վաղեմին, նոր մը շինելու համար: Ինչպէ՞ս արդարացնել այն բոլոր ստուերային ու օլիկարխ գործառնութիւնները, որոնք սնանկացուցին հայն ու հայրենիքը, աւարի ենթարկելով մեր երկրին հարուստ ընդերքը, աղքատացնելով ժողովուրդին աւելի քան 70 առ հարիւրը: Արդեօք ամէն քայլափոխի պէտք է յիշեցնե՞լ խաւարի տարիները, գաղթի ու հայրենալքումի համեմատութիւնը:

27 տարի առաջ, ատենի Խորհրդային Հայաստանի մեր ժողովուրդը պահը յարմար նկատելով կը պարտադրէր իր հաւաքական կամքը` ազատ ու ինքնիշխան ապրելու եւ անկախ հայրենիք ունենալու:

21 սեպտեմբեր 1991:

Եւ ահա, հայրենի հայութիւնը հանրաքուէի մը իր մասնակցութիւնը բերելով, 99,54 առ հարիւր տոկոս համեմատութեամբ իր «ԱՅՈ»-ն կ՛ըսէր եւ հիմը կը դնէր նոր Հայաստանի կառուցման:

Այդուամենայնիւ, նոր Հայաստան ունենալու կամ երրորդ հանրապետութեան ուղին սալայատակելու աշխատանքները այդքան ալ հեզասահ չընթացան` ներքին ու արտաքին ճնշումներու եւ դժուարութիւններու պատճառով: Ներքին` բարձրագոյն մակարդակի կողոպուտ, թալան, մաքրագործում եւ քաղաքական մտքի բոպիկութիւն, արտաքին` արցախեան շարժումին դէմ թուրք-ազերի հորդաներու սանձազերծ յարձակումներ, միջազգային ընտանիքի պատեհապաշտ կեցուածք եւ քար լռութիւն:

Իրօք, ստեղծուած անբարենպաստ քաղաքական կացութիւններու թէ միջազգային լարախաղաց պայմաններու մէջ հայութիւնը նետուելով պայքարի դաշտ` առանձին կը մաքառէր, զոհելով իր ընտիր զաւակները, յանուն Հայաստանի սահմաններու անառիկութեան եւ արծուեբոյն Արցախի ազատագրումին:

Չափազանցութիւն չէ ըսել, որ 27 տարիները բաւարար չեն հաստատելու կայացած պետական կարգ ու սարքը եւ սաւառնելու դէպի բարձրագոյն յաջողութիւն: Ճիշդ է նաեւ այն, որ հայ քաղաքական միտքն ու պետական մտածողութիւնը իրենց կարգին մնացին ենթակայ ապիկար շրջանակներու:

Եւ կը պատահէր անսպասելին, անըմբռնելին ու դատապարտելին: Հայրենի իշխանութեան ղեկին եկող իրերայաջորդ պետական այրեր ցոյց կու տային այնպիսի վատորակ քաղաքական մտքի հասունութիւն եւ խաղքութիւն, որ դժուար թէ հայ մարդը կարենայ համոզուիլ, ի տես ահաւոր կողոպուտին եւ մենատիրական ձգտումներու, որոնք ուղղակիօրէն պատճառ դարձան հայոց պետականութեան տկարացումին եւ անարդիւնաւէտ աշխատանքին:

Ու հասանք այդ օրը, երբ հայութիւնը ականատես եղաւ ինքնեկ պոռթկումի եւ յեղափոխութեան (սիրոյ եւ համերաշխութեան): Հայու համբերութեան բաժակը արդէն  յորդած էր: Ժողովուրդը իջաւ Ազատութեան հրապարակ եւ ուզեց իր ձայնը բարձրացնել, արդարութիւն պահանջել, նոր Հայաստան կերտել: Ան իր անվերապահ  վստահութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնեց Նիկոլ Փաշինեանին, եւ թիկունք կանգնեցաւ անոր իւրաքանչիւր կեցուածքին:

Վերջին ամիսներուն (մայիսէն ի վեր) խանդավառութիւնը, յուզականութիւնը եւ վրէժխնդրութեան զգացումը պահ մը իրենք զիրենք պարտադրեցին: Գոյութիւն ունեցող նախկին իշխանական թեւեր եւ ոլորտներ թիրախ դարձան, ձերբակալութիւններ տեղի ունեցան, ի հարկին բանտարկութիւն, աւարարուներու դատավարութիւնը կը շարունակուի մե՛րթ սաստկացած եւ մե՛րթ մեղմ ալիքի վրայ: Ակնդէտ կը սպասուի նոր բացայայտումներու եւ վճիռներու:

Աւելի՛ն. յեղափոխական տրամադրութիւններու ազդեցութեան տակ, հայրենի ժողովուրդը կը պատրաստուի ընտրական-քաղաքական գործընթացներու, աւելի քան երբեք իր կամքին ուժականութիւնը փաստելու: Բնական հետեւութեամբ, օրուան ղեկը ստանձնած Նիկոլ Փաշինեան, իր կարգին, լծուած է իրականացնելու բազմաբնոյթ ծրագիրներ, յանուն նոր Հայաստանի կառուցման:

Արդ, պէտք է տեսնել նաեւ մետալի միւս երեսը:

Պահ մը զանց առնելով ներհայաստանեան քաղաքական ու դատաիրաւական գործընթացները, ժողովրդական յեղափոխութեան իրաւացիութիւնն ու արդար պահանջը, հարկ է, որ ազգային գիտակցութիւնն ու պարտաւորութեան զգացումը մեզ` հաւաքաբար սթափեցնէ, ինքնաճանաչման մղէ, որպէսզի ազգովին հեռու մնանք ապազգային եւ օտարոտի մօտեցումներէ, վրէժխնդրական կեցուածքներէ, այսպէս ըսած, ամբոխավարի հաճոյակատարութենէ, եւ շուտափոյթ լծուելու ներազգային կեանքի բարեկարգման եւ առաւել աշխուժացման:

Բաւարար է ընդգծել, որ ազգային հեռատես քաղաքականութիւն մշակելու հոտառութիւնը չի կրնար իրականութիւն դառնալ առանց համազգային ներուժի, յատկապէս այս դարուս, երբ աշխարհաքաղաքական թաքուն եւ բացայայտ ուժեր կը նկրտին յայտարարել, թէ ազգային կառոյցով պետութիւններ չունին ապագայ, այնքան ատեն որ հզօր պետութիւններու շարքին չեն տողանցեր:

Արդ, ո՞ւր է մեր փրկութիւնը, հզօրանքի կարելիութիւնը: Արդեօք հայութեան մէջ իրերամերժ եւ հակոտնեայ կեցուածքներու դրսեւորումը պիտի նպաստէ՞ նման անյետաձգելի աշխատանքի մը կենսագործման, աւելի՛ն. հայութիւնը սեւի եւ սպիտակի պատկերով ներկայացնելու միտումը որքանո՞վ նպատակայարմար է, ի՞նչն է, որ կ՛արգիլէ որդեգրել ռազմավարութիւն մը, որով պիտի կարենանք ստեղծել այնպիսի պաշտպանական համակարգ, այլապէս շրջանցելու հայութեան դէմ ցցուող երեւելի եւ աներեւոյթ արգելքները, դժուարութիւնները, թշնամական մօտեցումներն ու պատերազմական սպառնալիքները:

Եթէ երբեք ժողովրդական յեղափոխութեան իրաւունքն է բոլոր աւազակները արդարութեան հարթակին վրայ կանգնեցնել ու հաշիւ պահանջել, եւ ի հարկին զանոնք բանտերու խուցերու բնակիչ դարձնել, ապա, միւս կողմէ, նոր Հայաստան կառուցելու քաղաքական միտքը կը պարտաւորեցնէ որդեգրելու բացառապէս համազգային հնչեղութեամբ պարուրուած վարքագիծ, որուն հիմքը եթէ մէկ կողմէ հանդուրժողութիւնն է, զիրար ըմբռնելու կամքը, միւս կողմէ, կարգախօսային վիճակներէ հեռու մնալու հրամայականն է:

Այլ խօսքով` հայոց փրկութիւնը` եռագոյնամէտ ըլլալու քաղաքական մտածողութեան մէջ է, որուն բացարձակ տիրութիւն ընելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կը գտնուին նոր Հայաստանի նոր վարիչները:

18-9-2018


27 Տարի Ետք Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութիւնը Տակաւին Անորոշութեան Մէջ Է

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

27 տարիներ անցան Հայաստանի վերանկախացումէն, 27 տարի երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը դիմագրաւեց դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ: Վերանկախացման առաջին իսկ օրերէն պայթեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարը, եւ երկրին իշխանութիւնները նետուեցան դիւանագիտական դաշտ` խաղաղօրէն լուծելու հիմնահարցը, սակայն այս ուղին հանդիպեցաւ դժուարութիւններու:

Յստակ էր, որ Ռուսիոյ շահերուն չէր համապատասխաներ, որ արցախեան խնդիրը լուծուի խաղաղ միջոցներով: Քրեմլին մտահոգութիւն ունէր, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան ուղղուին դէպի Արեւմուտք, եւ այսպիսով Մոսկուա կորսնցնէ իր գերիշխանութիւնը Հարաւային Կովկասի վրայ: Հետեւաբար Ռուսիա ամէն ջանք պիտի թափէր, որպէսզի ղարաբաղեան խաղաքարտը մնար իր ձեռքերուն մէջ: Ասիկա գաղտնիք մը չէ, բազմիցս ռուսական կողմը արտայայտած է իր պատրաստակամութիւնը «խաղաղապահ» ուժեր ուղարկելու Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծ: Բան մը, որ մտահոգութիւն արթնցուցած է Երեւանի եւ Պաքուի մէջ:

Սակայն, միւս կողմէ, Երեւան այլ ելք չունի: Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը եւ դրացիներուն հետ իր յարաբերութիւնը կը մղեն Երեւանի իշխանութիւնները, որ որդեգրեն ռուսամէտ արտաքին քաղաքականութիւն, եւ այս էր պատճառը, որ Հայաստան անդամակցեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան: 1999-ին պայմանագիրը ուժի մէջ մտաւ: Սակայն այս պայմանագիրը չգոհացուց Հայաստանի պահանջը, որովհետեւ 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ, որ Հայաստան պէտք է վարէ աւելի ճկուն արտաքին քաղաքականութիւն մը, որպէսզի սիրաշահի միջազգային ընտանիքին օժանդակութիւնը:

2017 նոյեմբերին Հայաստանը եւ Եւրոպական Միութիւնը ստորագրեցին համաձայնագիր մը` բարելաւելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները տնտեսական, քաղաքական եւ առեւտրական բնագաւառներուն մէջ: Անշուշտ ասիկա  դժուարութիւններու պիտի հանդիպէր, եթէ Քրեմլին «կանաչ լոյս» ցոյց չտար Երեւանին: Այն ժամանակ լոյս տեսան բազմաթիւ վերլուծութիւններ, ուր եւրոպացի վերլուծաբաններ ողջունեցին Հայաստանի հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւնը, իսկ ռուսական մամուլը վերապահութեամբ մօտեցաւ այս հարցին եւ նոյնիսկ Հայաստանի քայլը որակեց «քաղաքական դաւաճանութիւն»:

Արեւմուտք կամ Ռուսիա. այս հարցը մեր նախորդ սերունդներուն միտքին մէջ էր նաեւ, երբ պոլշեւիկները Երեւան մտան, իսկ անգլիացի գնդապետները լեռներու բարձունքներէն կը դիտէին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկումը: Այսօր, այս բոլորով հանդերձ, Երեւանի նոր իշխանութիւնները կը շարունակեն նախկիններուն ուղեգիծը եւ կը փորձեն հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել: Սակայն այս անգամ Երեւանի աչքերը ուղղուած են դէպի արեւելք` Չինաստան, Հնդկաստան եւ Ճափոն, եւ հոն է, որ Հայաստանը պիտի գտնէ այն, ինչ որ ուրիշ տեղեր պիտի չկարենայ որսալ: Այո՛, քաղաքական օժանդակութեան մասին չեմ խօսիր, այստեղ ո՛չ Արցախի, ո՛չ ալ Ցեղասպանութեան ճանաչումի խնդիր կայ, որովհետեւ այս երկիրները պիտի չուզեն իրենց յարաբերութիւնները խզել Թուրքիոյ հետ: Բայց անոնք պատրաստ են բարեկամական եւ առեւտրական կապեր հաստատելու Հայաստանի հետ: Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութեան զարգացումը բաւական արձագանգ գտաւ այլ երկիրներու մէջ, ուր ԹՈՒՄՕ կեդրոնը սկսաւ մասնաճիւղեր բանալ: Հո՛ս է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ապագան:

Հետեւաբար Հայաստանի համար պէտք չէ ընտրանք ըլլայ կա՛մ Ռուսիան, կա՛մ ալ Արեւմուտքը, այլ Երեւանի հայեացքը պէտք է ուղղուի նաեւ դէպի արեւելք, որպէսզի աւելի ճկուն եւ անկախ արտաքին քաղաքականութիւն մը վարէ:

Yeghia.tash@gmail.com

 

 

Անկախութեա՞ն, Թէ՞ Վերանկախացման Օրը

$
0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Ահաւասիկ այսօր` սեպտեմբեր 21-ին հայութիւնը չի կրնար միանշանակ պատասխան տալ հիմնական հարցումին, թէ ի՛նչ տօն կը նշենք. անկախութեա՞ն, թէ՞ վերանկախացման:

Եւ ի՜նչ հեգնանք` տեսնել հայրենազուրկ սփիւռքահայութիւնը սեպտեմբեր 21-ը կ՛ընդունի իբրեւ վերանկախացում, մինչ Հայաստանի ժողովուրդը, իր ոտքերուն տակ հայրենի հողը ունենալով հանդերձ, մեծամասնութեամբ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան գոյութիւնը եւ դերը անտեսելով` կը շարունակէ սեպտեմբեր 21-ը իբրեւ անկախութեան օր ընդունիլ: Ինչպէ՞ս յառաջացաւ այս երկփեղկումը, ինչո՞ւ կը շարունակուի, եւ ի՞նչ միջոցներով կարելի է զայն սրբագրել: Քիչ թէ շատ քաղաքականացած հայ անհատը գիտէ, որ Խորհրդային Միութեան օրերուն համայնավար ղեկավարները իրենց կարելին ըրած են հայրենի ժողովուրդին եւ սփիւռքի հայ հասարակութեան միջեւ սեպ խրելու իմաստով, եւ պէտք է խոստովանինք, որ բաւական յաջողեցան այս կեղտոտ գործին մէջ: Ամէն ինչ, որ հայութեան կողմէ կ՛ընկալուէր իբրեւ արժէք, ապազգային ուղեղները եւ ձեռքերը փորձեցին իմաստազրկել, նենգափոխել եւ ոտնահարել:

Սուտի տարիները, սակայն, վերջացան 1991-ին, երբ Հայաստանը վերածնաւ իր անկախ պետականութեամբ եւ ինքնիշխան կառավարութեամբ: Եթէ իսկապէս այդպէս է, եթէ ազատ եւ անկախ է Հայաստանը, ապա ինչո՞ւ կը գոյատեւեն խորհրդային ուրացումը եւ խեղաթիւրումը: Որո՞ւ շահերէն կը բխի, որ ճշմարտութիւնը մերժուի, կամ աւելի ճիշդ` ո՞վ կը խաղայ ուղեցոյցի դերը եւ կը փորձէ մեր ժողովուրդը մութ զարտուղիներով առաջնորդել: Պատասխան ստանալու համար լուսարձակի տակ առնենք այս պարագային հարցին երկու հիմնական ազդակ նկատուողները` իշխանութիւն եւ մամուլ:

Բոլորս գիտենք, որ ժամանակակից կեանքին մէջ մամուլը ազդու զէնք է` միտքերը մշակելու եւ զանգուածները ուղղորդելու իմաստով: Հայաստանի լրատուադաշտը, սակայն, այսօր անբովանդակ լրատուութիւններով եւ շինծու պատմութիւններով ողողուած է: Ասոր վերջին օրինակը Տեն Պիլզերեանի Հայաստան այցելութիւնն էր: Հայրենի լրատուամիջոցները, դասական, թէ համացանցային, հեւ ի հեւ աճապարեցին «մեծանուն հայորդիին» այցը լուսաբանելու այնպիսի ակնածանքով մը, որ կարծես թէ հայ ազգի մեծագոյն դահիճ Թալէաթին ահաբեկիչը` Սողոմոն Թեհլիրեանը Ամերիկայէն եկած ըլլար: Կամ` ի՞նչ հիւանդութենէն պէտք է տառապի յօդուածագիրը, որ ըսէ, թէ Անկելա Մերքելը արմատներով հայ է, անոր իսկական անունը` Այծեմնիկ, որ երդում տուած է թուրքերէն հայոց վրէժը լուծել: Կասկածէ վեր է, որ յար եւ նման լրատուութիւնները եւ «հրճուանք պատճառող բացայայտումները» կը բթացնեն հայ մարդուն միտքը եւ սխալ ուղղութեամբ կը տանին: Ուրեմն, ապատեղեկատուութեան զարկ տուող եւ անոր իբրեւ հետեւանք` այս կամ այն իրադարձութեան հանդէպ սխալ կեցուածք ձեւաւորող կողմը` մամուլը պէտք է շտկուի: Ինչպէ՞ս, կրնայ ըլլալ ձեր հարցումը, յարգելի՛ ընթերցողներ: Ես պիտի բացատրեմ:

Եթէ Հայաստանի լրատուադաշտը բարեփոխումներու ենթարկուի, եթէ բոլոր հեքիաթները իրական լուրերով փոխարինուին, եւ լրատուութեանց վաւերականութիւնը տիրական ըլլայ` Քարտաշեաններու եւ Պիլզերեաններու «դարակազմիկ» այցելութիւնները լուսաբանելու փոխարէն, եթէ հայ ազգի պատմութիւնը կերտած բուն երախտաւորներուն կեանքին եւ գործունէութեան մասին գրուի, մենք պիտի ունենանք ժողովուրդ, որ անկախ արտաքին միջամտութենէն կամ դաւադիր ուժերէն` ատակ պիտի ըլլայ ճշմարտութիւնը սուտէն զատորոշելու եւ դիտումնաւոր կերպով լարուած ապատեղեկատուական ծուղակին մէջ չիյնալու:

Ուրեմն, եթէ լրատուական դաշտը «բուժուի» եւ մամուլը իրեն վերապահուած դերը անսակարկ կատարէ, տգիտութիւնը պիտի վերանայ հայ հասարակութենէն: Եւ այս պարագային, եթէ բարեփոխուած լրատուադաշտով եւ քաղաքականացած հասարակութեամբ մերժումի քաղաքականութիւնը շարունակուի Հայաստանի մէջ, միւս գործօնը` իշխանութիւնը անպայման պէտք է պատասխանատու նկատուի:

Այսօր ականատես կ՛ըլլանք Հայաստանի մէջ փտածութեան դէմ պայքարին եւ ծայր տուած միւս բարեփոխումներուն` գլխաւորաբար պետական կառոյցներէն ներս: Սակայն պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ յեղափոխութիւնը մէկ-երկու ուղղութիւններով ձեռնարկուած փոփոխութիւն չէ, այլ` լման կարգի եւ մտայնութեան այլակերպում: Հետեւաբար Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգման 27-ամեակին ընդառաջ` իշխանութեան գլուխ անցած ղեկավարները բացառիկ կարելիութիւն ունին ապացուցելու, որ ապրիլ ամսուն տեղի ունեցածը իսկական յեղափոխութիւն էր, ոչ թէ` պարզ յեղաշրջում, եւ` ապացուցելու, որ նոր կարգերու հաստատումով եւ պատմական արժէքներու վերարժեւորումով, ինչպէս նաեւ ճշմարտութեանց ճանաչումով, ի տարբերութիւն նախորդ վարչակարգերուն, կամքը ունին տասնամեակներով պարտադրուած մտածելակերպը թօթափելու, իրերը իրենց անուններով կոչելու եւ մերժումի քաղաքականութեան վերջ տալու: Թերեւս ոմանք պիտի ըսեն, որ իմաստ չունի պանծալի տօնին առիթով այս տեսակ հարցերով զբաղեցնել թերթը, պիտի ըսեն, որ պէտք է ուրախանանք` 27-ամեայ պետութեան ձեռքբերումներուն մասին խօսելով եւ տեղ չտալով «անտեղի վհատութեան» եւ յոռետեսութեան:

Սակայն, իմ կարծիքով, ի զուր պիտի ըլլան բոլոր ջանքերը` մայիս 28-ը ճանչցնելու եւ ժողովրդականացնելու առումով, եթէ սեպտեմբեր 21-ը իր բուն եւ հարազատ անունն ու տեղը ստացած չըլլայ: Անընդունելի է սեպտեմբեր 21-ը 1991 թուականի անկախութեան օր նկատել, քանի որ այս վարքագիծով մենք մեր հողային իրաւունքները պիտի թաղենք: Մենք իրաւունք չունինք 1991 թուականը նոր սկիզբ համարելու, այլ` վերականգման թուական, հակառակ պարագային ահաւոր հարուած պիտի տանք մեր պահանջատիրութեան. Արցախը, Նախիջեւանն ու Ջաւախքը բուն անկախութենէն (1918 թ.) քանի մը տարի ետք բռնի խլուեցան: Այս իրողութիւնները մոռնալով եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը

27-ամեայ պետութիւն ընդունելով` մենք մեր Դատին իրաւացիութիւնը հարցականի տակ պիտի դնենք: Ուրեմն, իշխանութիւն-մամուլ-ժողովուրդ հաւաքական ճիգով Հայաստանի մէջ պէտք է ձեւաւորուի այնպիսի մթնոլորտ, ուր կարելի պիտի ըլլայ թէ՛ անկախութեան, թէ՛ վերանկախացման խորհուրդները իրենց պատշաճ պատուանդաններուն վրայ հաստատել: Մի՛ մոռնաք, յարգելի՛ հայրենակիցներ, որ սեպտեմբեր 21-ը վերանկախացման օր ճանչնալով` նսեմացուցած չէք ըլլար անոր խորհուրդը, ընդհակառակը, ձեր մտքի անկախութիւնը պիտի փաստէք:

 

 

 

Ազատութեան Երազը Միշտ Վառ Կը Մնայ Հայութեան Մէջ

$
0
0

 ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Այսօր համայն hայութիւնը` Հայաստանէն մինչեւ սփիւռք, կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 27-ամեակը:

Այս տարի, սակայն, վերանկախացման տօնակատարութիւնը կը տարբերի նախկիններէն: Կը տարբերի այն իմաստով, որ Հայաստանը կ՛ապրի տարբեր ազգային, շրջանային եւ ընկերային-տնտեսական մթնոլորտի մը մէջ: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը այսօր մէկ բռունցք դարձած է եւ հաւաքած է իր մտային ու ֆիզիքական ուժերը` յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան բարգաւաճման:

Տասնամեակներ շարունակ զրկուելով ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան օդը շնչելէ` 21 սեպտեմբեր 1991-ը հայութեան վերընծայեց Արամ Մանուկեաններու, Սիմոն Վրացեաններու եւ Լեւոն Շանթերու պատկերացուցած Հայաստանը: Հայաստան մը, ուր իւրաքանչիւր քաղաքացի ունի խօսքի, մամուլի եւ խղճի ազատութիւն, եւ ուր ամէն քաղաքացի հաւասար է օրէնքին առջեւ` առանց ցեղի, սեռի կամ դաւանական-կրօնական խտրութեան:

Տասնամեակներ շարունակ եռագոյնն ու «Մեր հայրենիք»-ը տարագիր դարձած էին, սակայն Վրացեաններու, Լեւոն Շանթերու, Նիկոլ Աղբալեաններու եւ ազատասէր մարդոց դաստիարակութեան ոգիով է, որ ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանը ապրեցաւ սերունդներուն մէջ: Սերունդներ, որոնք Հայաստանի վերանկախացումը չտեսան, բայց անոնց շուրթերը արտասանեցին «Մեր հայրենիք»-ը, անոնց ձեռքերը բարձրացուցին եռագոյնը, աչքերը կարդացին Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն»-ն ու Խատիսեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», եւ անոնց յիշողութիւնը տարեկան աւանդութիւն դարձուց Փետրուարեան ապստամբութեան յիշատակումը` յոյսով, որ օր մը նոր Համազասպներ պիտի ծնին եւ իրականացնեն 1921-ի փետրուարին ինկած ազատամարտիկներուն երազը:

Եւ ահա եկաւ 21 սեպտեմբեր 1991-ը, եւ վերանկախացաւ Հայաստանը: Ցնծաց համայն հայութիւնը, մանաւանդ անոնք, որոնք երկար պայքարեցան, որպէսզի հայրենիքը տեսնեն ազատ,անկախ ու ժողովրդավար, եւ այդ թուականէն սկսեալ հայութիւնը վերստին իր ուժը սկսաւ ներդրելու յանուն իր հայրենիքին զարգացման:

Բայց եւ այնպէս հարցադրումներ կը ծագին մեր մտքին մէջ: Արդեօք վերանկախացումը իրեն հետ բերա՞ւ Արամ Մանուկեաններու, Նիկոլ Աղբալեաններու, Սիմոն Վրացեաններու եւ այլոց ազատութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան արժէքները. արդեօք վերանկախացումը կերտե՞ց մտածումով անկախ հայուն տունը. արդեօք իւրաքանչիւր ազատ հայ զգա՞ց, որ նորանկախ Հայաստանի իշխանութիւնները իր ձայնը պիտի լսեն. արդեօք նորանկախ Հայաստանի իշխանութիւնները դարձա՞ն սերունդներու ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան սիրոյն պայքարողներու իշխանութիւններ. արդեօք նորանկախ Հայաստանը նոյն Վրացեաններու, Աղբալեաններու եւ Շանթերու իտէալներով պատկերացուած Հայաստա՞նն էր:

Դժբախտաբար «Ո՛չ» պիտի ըլլայ պատասխանը:

Բայց «Ոչ» պիտի ըլլայ ոչ թէ այն իմաստով, որ իշխանութիւնները քննադատելը կը նշանակէ հայրենիքին դէմ ըլլալ, այլ ճիշդ հակառակը` քննադատել իշխանութիւնները` հայրենեաց սիրոյն համար: Սիրելով հայրենիքը` ազատ, անկախ եւ ժողովրդավար հայրենիքը: Ազատ, անկախ եւ ժողովրդավար հայու հայրենիքը:

Բոլորիս յիշողութեան մէջ արմատացած են վերանկախացման շրջանի առաջին թուականները: Դժբախտաբար` մութ թուականներ, երբ կը փակուէին թերթեր, որոնք կը քննադատէին իշխանութիւնները, երբ կը բանտարկուէին ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ եւ կ՛արգիլուէին կուսակցութիւններ, որոնց գաղափարական շունչով էր, որ վերանկախացաւ Հայաստանը:

Անոնք չէին քննադատեր քննադատութեան սիրոյն, այլ` հայրենիքի սիրոյն: Կը քննադատէին սանձարձակ սեփականաշնորհումները, որոնք պատճառ դարձան լայնածաւալ անգործութեան, աղքատութեան եւ արտագաղթի: Կը քննադատէին մենատիրութիւնը, որուն հաստատումը ժողովրդավարութեան համար տասնամեակներու պայքարի դաւաճանութիւնն էր:

Պոլշեւիկեան միակուսակցական եւ բռնատիրական կարգերուն յաջորդեցին սակաւապետական եւ մենատիրական կարգերը:

Ո՛չ, սակաւապետութիւնն ու մենատիրութիւնը չէին Վրացեաններու, Շանթերու եւ Աղբալեաններու երազները:

Անոնց երազը ազատ, ժողովրդավար եւ ընկերային արդար կարգերով օժտուած Հայաստանի երազն էր:

Այդ երազը տակաւին կը շարունակէ ապրիլ, եւ անոր իրականացումը անցնելիք երկար ճամբայ ունի:

Ներկայիս ճակատագրական պահեր են Հայաստանի համար: Ճակատագրական` այն իմաստով, որ զարկ տանք հայրենիքի ժողովրդավարացման, քաղաքացիական ազատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու ամրապնդման, ընկերային եւ տնտեսական արդար կարգերով հայրենիքի մը կերտման: Յիշեալ կէտերը իրականացնելով է, որ կ՛իրականացնենք ազատ հայու երազը` ազատ հայրենիքի մէջ:

Շնորհակալութի՛ւն` բոլոր անոնց, որոնք Խորհրդային Միութեան խաւար օրերուն վառ պահեցին ազատութեան ջահը հայկական ընկերութեան մէջ: Առանց ձեր ազատասիրութեան կամքին` մեր նախորդ սերունդը մեզ պիտի չկարենար փոխանցել անկախութեան ջահը, եւ մենք չէինք կրնար նոյնիսկ ազատութեան իտէալներ գտնել:

 

Անկախութեանդ Վերականգնումը Շնորհաւոր` Սեպտեմբերեան Հայաստան

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հայկ նահապետի օրէն ի վեր մեր ժողովուրդին համար առաջնահերթ եղած է իր հայրենիքի ազատ եւ անկախ կեանքը: Այսպէս, Արարատի չորս կողմը տարածուող հսկայ հողամասերը, որոնք դարերէ ի վեր բազմազան ելեւէջներով կը հսկեն մեր կեանքը, այդ մեր հայրենիքն է եղած եւ է՛: Այլ խօսքով, դրախտը յիշեցնող հսկայական պարտէզ մը, որ թագաւորական հարստութիւններ ունեցող երկիր մը ըլլալով հանդերձ, հալածանքներու, արշաւանքներու, երկրաշարժերու, յաղթութիւններու եւ պարտութիւններու նիւթերով հարուստ հողատարածք մըն ալ եղած է, եւ որ կոչուած է Հայաստան:

Ու այս բոլորը արդէն մեր նախակրթարանի սեղաններէն սորված էինք: Նաեւ լաւատեղեակ եղած էինք, որ իբրեւ ազատատենչ ժողովուրդ, մենք` հայերս, մեծ երազ ունեցած ենք տեսնել մեր հայրենիքի անկախ եւ ազատ վիճակը: Ու այդ սրբազան երազանքը մենք, ուր որ ալ ապրած ենք, մեզի հետ պտտցուցած ու զայն փայփայած ենք:

Սրբազան երազանք մըն է այս մէկը, եւ մեր ծնունդէն ի վեր արեան ճամբով  եւ ուժով ընկալած ենք անոր անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ հաւատացած ենք, որ մեզի համար անսակարկելի արժէք է մեր երկրին անկախութիւնը:

Հայաստան ըսի: Եւ այս Հայաստանը ամբողջ հայութեան հայրենիքն է, որ ճիշդ հարիւր տարի առաջ արհաւիրքներէն, սարսափէն եւ քաղաքական հալածանքներէն, ահարկու կոտորածներէն եւ բռնի տեղահանութիւններէն ետք, շնորհիւ իր զաւակներուն աննկուն կամքին, հաւատքին, յոյսին, անկախութեան եւ վրէժխնդրութեան ու արդարութեան համար մղուող հերոսական մարտնչումներուն` կերտած էր իր պապերու երկրի անկախութիւնը, որովհետեւ հայը հաւատացած էր, որ հայրենիքը դարերու երկայնքին իր ժողովուրդին ապրած այն հողն է,  որ ունի յաւերժական արժէք, իսկ անոր անկախութիւնն ալ զայն պահող ոգին է:

Ու անկէ ետք հայը վերապրեցաւ: Հայը իր հողին տէրը դարձաւ: Իր արիւնով ներկեց իր ազատութեան դրօշը եւ այս ձեւով  խօսեցաւ իւրաքանչիւր հայուն:

Ահա ճիշդ այդ է մեր հայրենիքը, որ ունի հարազատ պատմութիւն, որուն ներկայիս մէկ մասը բռնագրաւուած է, իսկ միւսը ազատօրէն կը շնչէ:

Եթէ 20-րդ դարու սկիզբը, երբ հայը տէրը դարձած էր իր հողերուն ու` անկախացած եւ ամբողջ աշխարհը զարմացուցած, ապա նոյն դարու վերջն ալ նոյն այս հայը ամբողջ աշխարհին դարձեալ զարմացուց իր ընդվզումով, իր պահանջատիրութեամբ եւ արցախեան ազատամարտին տարած իր յաղթանակով:

Վերջ ի վերջոյ անկախ երկիրը իր անկախ պետականութեամբ է, որ կ՛իրականացնէ նոյն այդ երկրին մէջ ապրող ու շնչող ժողովուրդի բոլոր երազանքները:

Արդ, ասկէ ճիշդ 27 տարիներ առաջ հայութեան աչքերը կրկին լեցուեցան խորհրդաւոր գեղեցկութեամբ, որովհետեւ այս անգամ ծնունդ առած էր նախկինին շարունակութիւնը եղող սեպտեմբերեան իր նոր Հայաստանը: Եւ այս անկախութիւնը ժամանակի պահանջն էր: Դարձեալ նոր յոյսեր շարուեցան հայու կեանքի հորիզոններուն վրայ: Կ՛ուզեմ եւ նոյն ատեն կը փորձեմ հեռու մնալ բազմաթիւ անգամներ ծեծուած խօսքերէն:

Մեր ժողովուրդին անցած պատմական ուղին կ՛ապացուցէ, որ մենք այսօր ալ արժանի ենք ունենալու անկախ եւ ազատ մեր երկիրը` իր հզօր բանակով: Եւ` ինչո՞ւ չէ: Դարեր շարունակ բազմաթիւ սերունդներ երազած են իրականացած տեսնել Հայաստանի անկախ պետականութիւնը:

Ուստի մենք զմեզ հպարտ պէտք է զգանք, որ ներկայիս ականատեսներ ենք մեր անկախ հայրենիքին եւ ամէն ձեւով ու առիթով անոր ներկայութիւնը կը վայելենք հաստատօրէն: Հաւատացած ենք, որ սա անկախութիւն ըսուածը նաեւ կը նշանակէ ճանչնալ անցեալը, ապրիլ եւ գործել` տեսնելու համար ապագան եւ վերջապէս` տիրանալ անոր:

Ապա` յետոյ, այս տարուան ընթացքին, ականատես եղանք «թաւշեայ» յեղափոխութեան, որ նոր հոգի ու շունչ բերաւ երկրին ու նաեւ տարբեր ու որոշ վստահութիւն եւ ակնածանք` աշխարհի աչքին:

Անկախ այս բոլորէն, այսօր, սակայն, մեր գիտակցութեան առջեւ ներկայ է մեր էութիւնը, ու միայն այս գիտակցութեան շնորհիւ է, որ պիտի կարենանք գտնել մեր նոր ուղին ու ճամբան` այս խառնաշփոթ աշխարհի մէջ, որովհետեւ մեզի համար ազատ հայրենիքը լոյս է, լինելութեան նշան եւ կեանքի հզօրութեան կանչ ու յատկապէս մեզ միացնող ատաղձ է: Ուստի յարգը պէտք է գիտնանք:

Բայց անգամուան մը համար մենք մեզի հարց տանք, թէ արդեօ՞ք այսօ՛ր իսկապէս մեր ազատ ու անկախ երկրին մէջ մենք միացած ազգ ենք: Շատեր հաւանաբար ինծի պէս կը կարծէին, որ այս նոր յեղափոխութիւնը պիտի միացնէր մեզ բոլորս: Շատեր նաեւ համաձայն են, որ այս նոր յեղափոխութիւնը ժամանակի պահանջն ալ էր: Կարծիքներ եւ տեսակէտներ շատ են, ինչպէս նաեւ հարցումներ` պատասխաններէն աւելի երկար:

Մեզի համար յստակ է, որ ներկայիս մեր հայրենիքը բազմազան ներքին եւ արտաքին հարցեր ունի: Հարցեր կան անսասան պատերու նման: Շեշտաւորուած իրականութիւն է այս մէկը:

Ուրեմն, ի տես այս բոլորին, ներկայ Հայաստանի ձայնը պէտք է, որ ըլլայ մաքուր, հնչեղ նկարագիրով: Յստակ եւ իմաստալից: Մէյ մը թղթատեցէ՛ք մեր պատմութիւնը: Մեզ տանջած են հարցերը եւ տակաւին կը տանջեն: Դարերու ստուերով, լոյսերով ու յոյսերով կառուցուած երկիր մը ունինք այս օրերուն, որ միշտ հանգիստ ծովու վրայ չէ նաւարկած: Մեզի համար, այս մատնանշումներէն ետք, էական է մեր խոր գիտակցութիւնը` հանդէպ մեր ազգին, որպէսզի գտնենք մեր ճամբան:

Մէկ խօսքով, ոչ միայն առողջ միտքերու հոսքի կարիքը ունինք, այլ նաեւ` իմաստուն եւ հեռատես ղեկավարներու, հոգիի մեծութեամբ արդարամիտներու, արթուն զանգուածներու եւ գիտակից պատասխանատուներու, հզօր բանակի կողքին: Տակաւին շարքը կրնայ երկարիլ:

Բոլորդ ձեր ականջին օ՛ղ ըրէք. հայու սրտին մէջ Հայաստանը յուշ չի կրնար ըլլալ, այլ միայն` ոգի: Տաք, առողջ եւ կայտառ: Շատ խնդիրներ յաղթահարած ենք, եւ սակայն տակաւին կը մնայ միւս շատը: Էականը միաւորուիլ է եւ հզօրանալ:

Մեզի կը մնայ վերակերտել, շէնցնել մեր այս ափ մը ազատ եւ անկախ հողամասը եւ զայն դարձնել կրկին դրախտավայր: Մեր երկիրը պարտաւոր է պահել իր հոգեկանը:

Զայն պէտք է պահել մեր աչքի լոյսին պէս: Մենք հզօր ենք, երբ միակամ ենք: Վե՛րջ` մեր անմիաբանութեան:

Ահա անկախ եւ ազատ Արցախը` իբրեւ յստակ օրինակ:

Կը վախնամ, որ բառերս հասարակ դարձնեն մտածումներս: Բառեր կան, որոնք իրենց ետին խորհրդաւորութիւն կը պահեն: Անոր համար կը կրկնեմ. անկախ եւ ազատ Հայաստանի տարեդարձի գաղափարն է, որ կրկին համախմբած է մեզ բոլորս ու` ոգեւորած: Ու պէտք է, որ այդպէս ըլլայ: Մենք կառուցող ժողովուրդ ենք: Իւրաքանչիւրս անգիր օրէնքի նման` ունինք պարտականութիւններ եւ պարտաւորութիւններ մեր հայրենիքի նկատմամբ: Առանց սակարկութեան պէտք է սիրել հայրենիքը: Սիրել հայն ու իր Հայաստանը, հայութենէն աւելի: Որքա՜ն հաճելի է, նոյնքան ալ` իմաստալից: Բոլորս ալ պէտք է ունենանք նման մաքուր եւ զուլալ զգացում` հանդէպ մեր երկրին, որ արդէն խածած է մեր սիրտն ու հոգին: Հարկ է զայն պահել վճիտ:

Հայրենի հողին ներշնչած սէրը եւ լոյսը պէտք է լուսաւորեն մեր բոլորին հոգիները:

Հայրենիքի հողին վրայ ապրելու հպարտութիւնը ներշնչում պէտք է դառնայ բոլորիս:

Միլիոն անգամ կրկնած ենք այս խօսքերն ու խրատները, այս մաշած ու հինցած լոզունգները: Բայց հասկնալ է պէտք:

Որովհետեւ այսօրուան Հայաստանը, իր ներկայ ազատ եւ անկախ իրավիճակով եւ նաեւ ազատ Արցախով մեզի համար մարմարէ յուշարձան մըն է, զոր կանգնեցուցած է մեր ժողովուրդը աշխարհի պատմութեան հրապարակին վրայ:

Զայն ամուր, հաստատ ու մաքուր պահել է հարկաւոր:

Սեպտեմբեր 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման օրն է։

Ուստի կը մաղթենք, որ յառաջիկայ բոլոր օրերն ու տարիները ըլլան լիարժէք ապրելու եւ զարգանալու տարիներ: Զգա՛նք, գիտակցի՛նք ու գուրգուրանք անկախութիւն ծնող մեր ժողովուրդին` ներշնչելով անոր միայն իր հայրենի հողին վրայ ապրելու պահանջատէրի իրաւունք: Մեր երկիրը դարձնենք այնպիսի երկիր մը, որ ամէն հայ տեսնէ իր վաղը: Ապրի՛նք այն հոգեբանութեամբ, որ անկախ Հայաստանը դեռ շատ երիտասարդ է եւ ամէն հայ անոր կողքին ըլլալու, կենալու զօրակցելու եւ բարգաւաճ դարձնելու պարտաւորութիւնը ունի:

Համոզուած ենք, որ անկախ եւ ազատ Հայաստանը մեր երազանքի բանալին էր, ուստի պէտք է նաեւ ըլլայ մեր հարազատ հաւատքի եւ ժողովրդավարական քաղաքակրթութեան «սահմանապահը», եթէ կ՛ուզէք` յենակէտը, որուն համար կ՛արժէ միասնակամ ապրիլ, պայքարիլ, զոհուիլ եւ զոհաբերել:

Արդ, ի սրտէ կրկին բարեւ, Հայաստա՛ն. դո՛ւն, որ բոլոր հայերուն միակ հայրենիքն ես, սեպտեմբերեան վերանկախացումդ շնորհաւոր:

 

 

 

Շնորհաւոր` Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախութեան 27-ամեակը

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

2018 սեպտեմբերի 21-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը  իր ետին պիտի թողու անկախութեան 26 տարիները եւ պիտի թեւակոխէ վերանկախութեան 27-րդ տարին: Ամէն տարի 21 սեպտեմբերին ողջ հայ հասարակութիւնը կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան օրը:

Այս օրը հայ ժողովուրդի համար ամենակարեւոր ու նշանակալից  օրերէն մէկն  է:

Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը ընդունուեցաւ 23 օգոստոս 1990 թուականին, Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդին կողմէ: Իսկ 21 սեպտեմբեր 1991 թուականին Հայաստանի ժողովուրդը ընտրեց «անկախութիւնը»` տեղի ունեցած հանրաքուէին իր վճռական «Այո՛»-ն ըսելով: Թէեւ այդ պահուն այնքան գիտակից չէին, թէ ի՛նչ է երկրի մը անկախութիւնը եւ ի՛նչ ձեռքբերում ունի անկախութիւնը, բայց Հայաստանի քաղաքացիները անկախ ապրելու կողմ քուէարկեցին:

Յատկապէս մեզի նման ժողովուրդներու համար, որոնք իրենց պատմութեան մէջ օտար տիրապետութեան տակ երկար տարիներ ապրելու ցաւերն ու տանջանքներ ապրած են եւ շատ կարճ շրջան մըն ալ անկախ պետութիւն ունենալու բարիքները վայելած են, անկախութեան տարեդարձները իւրայատուկ կարեւոր նշանակութիւն մը ունին:

Անկախութեան տարեդարձները ժողովուրդներուն եւ անոնց ղեկավարներուն առիթ մը կու տան` իրենց անցեալին յետադարձ ակնարկ մը նետելու, անցեալը հաշուեյարդարի ենթարկելու ու նաեւ ապագայի վերաբերեալ խորհրդածութիւններ կատարելու համար:

Հայաստանի Հանրապետութեան անցնող 26 անկախ տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդը ապրեցաւ բազմաթիւ հպարտառիթ պահեր, իրադարձութիւններ եւ եղելութիւններ: Հայաստանը` որպէս անկախ պետութիւն, դարձաւ միջազգային կազմակերպութիւններու լիիրաւ անդամ, ունեցաւ բազմաթիւ երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու քով դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, զարգացան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները, կեանքի կոչուեցաւ սփիւռքի նախարարութիւնը` նպատակ ունենալով Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման խթան հանդիսանալ: Այս նպատակով կազմակերպուեցան բազմաթիւ ձեռնարկներ ու միջոցառումներ, որոնցմէ մէկն է «Համահայկական ողիմպիական խաղեր»-ը:

Անշուշտ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը հայ ազգին շնորհեց զանազան դրական ձեռքբերումներ, որոնց շարքը երկարել կարելի է: Սակայն Հայաստան, անկախութեան հռչակումէն 27 տարի ետք, այսօր իսկ, ցաւօք սիրտի կը գտնուի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական, ժողովրդավարական, մարդկային իրաւունքներու պահպանման եւ ընկերային դժուարին հարցերու առջեւ ու նաեւ` մեծ տագնապներու դիմակայելու պարտաւորութեան տակ: Ասոնցմէ գլխաւորներն ու կարեւորագոյներն են` արտագաղթը, քաղաքական անկայունութիւնը, տնտեսական ծանր վիճակը,  կաշառակերութիւնը եւ անգործութիւնը:

Շատ մօտիկ անցեալին Հայաստանի տնտեսութիւնը կեդրոնացած էր 20-30 ընտանիքի ձեռքերուն մէջ, երկրի բարիքները եւ հարստութիւնը բնակչութեան չէր բաշխուեր համաչափ ու արդար, եւ ժողովուրդին մէջ ծնունդ կ՛առնէին` անհաւասարութիւն, խմբաւորումներ եւ խտրականութիւն: Հանրապետութեան տարածքին ժողովրդավարութիւնը ու արդարութիւնը կը բացակայէին, գագաթնակէտին հասած էին անգործութիւնը, կաշառքը եւ այլ բացասական երեւոյթները. յատկապէս երիտասարդ սերունդը ու նաեւ ժողովուրդի տարբեր խաւերը  մղուած էին իրենց ապագան զանազան արտերկիրներու մէջ փնտռելու հրամայականին:

Մայիս 2018 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ ոչ բռնի` «Թաւշեայ յեղափոխութիւն». այս յեղափոխութեամբ  հայ ժողովուրդին մէջ  երկրի ապագային վերաբերեալ դրական նոր յոյսեր ծաղկեցան, սակայն պէտք չէ մոռցուի, որ այս յեղափոխութիւնը իմաստ չ՛ունենար, եթէ Հայաստան չկարենայ հասնիլ «տնտեսական յեղափոխութեան», այս առումով, հայ ժողովուրդը կը գտնուի ամենակարեւոր ժամանակաշրջանի մը մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախութեան 27-ամեակը պիտի թեւակոխէ  նոր կառավարութեամբ, որուն առաջնահերթ խնդիրներն են` արտահերթ ընտրութիւններու իրականացումը, կաշառք-փտածութեան դէմ պայքարը, երկրին մէջ հնարաւորութիւններու ստեղծումը:

Երբեք պէտք չէ յուսահատութեան մատնուիլ եւ երես դարձնել Հայաստանին ու հանրապետութեան անկախութեան:

Բոլորս ալ համոզուելու ենք, որ բոլոր բացասական երեւոյթները ժամանակաւոր բնոյթ ունին, եւ հայ ժողովուրդը զանոնք յաղթահարելու ուժը, կորովն ու կամքը ունի իր մէջ:

Չարենց  հետեւեալը կ՛ըսէ. «Հայ ժողովուրդի փրկութիւնը իր հաւաքական ուժին մէջն է»:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձը բոլորիս շնորհաւոր թող ըլլայ:

Գերմանիա

 

Viewing all 12090 articles
Browse latest View live