Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12041 articles
Browse latest View live

Ակնարկ. Կեդրոնանալ Երկու Փուլերու Վրայ

0
0

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետին միջեւ կայացած հեռախօսազրոյցներու հրապարակումը աւելիով թէժացուց ներհասարակական մթնոլորտը: Կը թուի, որ շղթայական հակազդեցութիւններու շարքի դրսեւորումն է, որ տեղի կ՛ունենայ այս օրերուն մեր երկրին մէջ:

Բնականաբար նախ եւ առաջ խիստ մտահոգիչ է, որ անվտանգութեան հետ կապուած հարցերու ծառայութիւններու գլխաւորները կը գաղտնալսուին. եթէ չհրապարակուէր նման ձայնագրութիւն, տրամաբանօրէն կրնանք ենթադրել, որ գաղտնալսումներն ու գաղտնաձայնագրումները շարունակուէին: Պատահարը մտածել կու տայ նաեւ մինչ այդ նման վերահսկողութիւն իրականացուած ըլլալու ենթադրութեան մասին:

Իրավիճակը յաւելեալ չթէժացնելու եւ ներհասարակական նոր լարուածութիւններու չառաջնորդելու համար նախ եւ առաջ կը մտածուի, թէ ո՛ր կեդրոնն է, որ նման գործողութիւն կը կազմակերպէ եւ ի՛նչ նպատակ հետապնդելու համար:

Օրէնքի գերակայութիւն դաւանած եւ իրաւական պետութիւն հիմնելու առաջադրանքով հանդէս եկող նորահաստատ իշխանութիւնները հարցը իրաւական հարթութեան վրայ շարունակել լուծելու վարքագիծը անշեղ պահելու խնդիր կրնան դիմակայել: Բնականաբար խորապէս մտահոգիչ կը նկատուի երկրորդ պետութեան ուրուականին գոյութեան համոզումը փոխանցող նման երեւոյթ մը:

Սառնասրտութիւն պահելու հրամայականը գերակշիռ է այստեղ` պետութեան շահի գերակայութիւնը ամէն առնուած քայլին հաշուարկելով: Մեր երկիրն ու պետութիւնը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ստացած են դրական գնահատական. զուգահեռ` ամէնէն խիստ շեշտադրումներով քննադատուած է պաշտօնական Պաքուն եւրոպական հակաարժէքային քաղաքականութիւն կիրարկելու պատճառով:

Մեր առաւելը մեր հակառակորդին եւ գնահատականը` Եւրոպայի կողմէ ըստ էութեան հիմնուած էր անարիւն յեղափոխութեան, ժողովրդավարական կանոններու յարգումին, փտածութեան դէմ պայքարի դրսեւորումներուն վրայ. ինչ որ կ՛ենթադրուէր, որ պիտի արագացնէ Երեւան – Եւրոպական Միութիւն խորը եւ ընդլայնուած համաձայնագիրի վաւերացման գործընթացը: Այս մէկը ամէնէն հիմնական ուղղութիւնն է նաեւ մեր երկրի փոխլրացուցիչ արտաքին քաղաքականութեան եւ բազմակողմ դիւանագիտութեան: Տարածաշրջանին նկատմամբ ամերիկեան թափանցման քաղաքականութեան եւ միւս կողմէ Ռուսիայէն կախեալութեան միջեւ եւրոպական ուղղութիւնը իրօք հաւասարակշիռ հանգամանք կրնայ ապահովել:

Այդ հանգամանքի իրացման համար անհրաժեշտ է շարունակել եւրոպական արժեհամակարգին ընդառաջ քաղաքական, իրաւական գործողութիւններով: Իսկ այստեղ ահա առաջին հորիզոնականը ժողովրդավար կարգերն են, մարդու իրաւունքներու յարգումը, արդարադատութեան ապաքաղաքականացումը, փտածութեան վերացումը, արդար, ազատ, թափանցիկ ընտրութիւններու կազմակերպումը:

Իշխանութիւններն ու իրաւապահ մարմինները պատահած զգայացունց իրականութեան դիմաց, հարցերու լուծման զուտ իրաւականութեան գիծերուն մէջ ինքնասահմանափակման հրամայականին առջեւ են, մեկնած` պետութեան գերակայ շահերէն: Պետական մտածողութիւնը չ՛արտօներ խնդիրները քաղաքականացնել եւ որեւէ կերպ խնդրոյ առարկայ դարձնել արդարադատութեան անկախութիւնը:

Այս պատճառներով ալ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընդառաջ մեկնարկած նախընտրական արշաւի նիւթերը կեդրոնացնել Երեւանի խնդիրներուն, քաղաքացիներուն հարցերուն, քաղաքային եւ թաղային անլոյծ եւ առկախ մնացած հարցերու լուծման եւ ընդհանրապէս քաղաքաշինութեան հետ կապուած երեւոյթներուն վրայ: Հիմա է, որ առաւելաբար քաղաքացիական շարժումներու առաջ մղած խնդիրները պէտք է վերստին արծարծուին, քննարկուին, բանավէճերու ենթարկուին, քաղաքական բաղադրիչները ձգելով խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Արդար, ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններու քաղաքակիրթ բառապաշարով ընթացող նախընտրական արշաւները մեծապէս դրական դեր կ՛ունենան մեր երկրի ո՛չ միայն միջազգային հեղինակութեան բարձրացման, այլ նաեւ արտաքին փոխլրացուցիչ քաղաքականութեան իրացման համար կարեւոր ուղի հարթելով:

Յեղափոխութիւնը համակարգային փոփոխութիւն կ՛իրականացնէ: Փուլ առ փուլ: Հիմա ընտրական համակարգը բիւրեղացնելու եւ արդարադատութեան անկախութիւնը ամրագրելու փուլերն են: Իսկ այս առաջադրանքները կը բխին ինչպէս պետութեան, այնպէս նաեւ հասարակութեան շահերէն: Երկու ուղղութիւններու ճիշդ հունաւորումը մեր երկրի վարկին, տրուելիք հնարաւորութիւններուն եւ արտաքին քաղաքականութեան համար եւս կրնան լրջագոյն առաւելներ ապահովել:

«Ա.»


Գիտական Եզակի Կեդրոն

0
0

ՔՆԱՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Լուտովիկա եւ Յակբ Այնթապլեան
Կեդրոնի գլխաւոր մասնագէտ

Մայիսի 11-ին Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանում տեղի ունեցաւ «Արեւմտահայերէնի, հայագիտութեան գիտահետազօտական Լուտովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեան կեդրոն»-ի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որին ներկայ էին` ԱՀ ԿԳՍ նախարար Նարինէ Աղաբալեանը, ՀԳՄ նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը, ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ Ալեքսանտր Մանասեանը, բանաստեղծ, թարգմանիչ, գրականագէտ Հենրիկ Էդոյեանը, բանաստեղծ, թարգմանիչ Յակոբ Մովսէսը, բանաստեղծ Մովսէս Մանուկեանը, ճանաչուած գրողներ, գիտնականներ, մշակոյթի բնագաւառի ներկայացուցիչներ, դասախօսներ եւ ուսանողներ:

Բացման խօսքում համալսարանի նախագահ Վարդան Յակոբեանն ընդգծեց բուհում գիտահետազօտական կեդրոնի անհրաժեշտութիւնը, որն իր տեսակի մէջ միակն է տարածաշրջանում: Կեդրոնի ստեղծումն իրագործուեց ամերիկահայ անուանի սրտաբան, բանաստեղծ ու բառարանագէտ Յակոբ Այնթապլեանի եւ նրա կնոջ` Լուտովիկա Այնթապլեանի բարեգործութեամբ: Վ. Յակոբեանի հաւաստմամբ` կեդրոնը կը նպաստի մեր լեզուի երկու ճիւղերի փոխհարստացմանը, մայրենիի զարգացմանն ու ազգային միաբանութեանը:

ԱՀ ԿԳՍ նախարար Նարինէ Աղաբալեանն իր ողջոյնի խօսքում շեշտեց կեդրոնի բացման կարեւորութիւնը եւ ուսանողների ներգրաւուածութիւնը գիտահետազօտական աշխատանքներում, ինչը մշտապէս եղել է եւ կը մնայ նախարարութեան ուշադրութեան կեդրոնում: Ն. Աղաբալեանը կեդրոնին նուիրեց Սարգիս Արք. Ջալալեանցի «Ճանապարհորդութիւն ի մեծն Հայաստան» բարձրարժէք գիրքը:

Հեռարձակուած շնորհաւորական տեսաուղերձում դոկտոր Յակոբ Այնթապլեանը շեշտեց` պատահական չէ, որ կեդրոնի բացման գաղափարն իրագործւում է Արցախում, Մեսրոպ Մաշտոցն առաջին դպրոցներից մէկը հէնց Արցախում է հիմնել, եւ այսօր մեծն քերթող Նարեկացու անունը կրող համալսարանում «Մատեան ողբերգութեան» պոէմը գրաբարով կարդալու կարողութիւնն արդէն իսկ ճշմարիտ հայ լինելու առհաւատչեան է:

«Հայագիտութիւնը հսկայական մի քուրա է, եւ խորհրդանշական է, որ Արցախն առաջիններից մէկն է տէր կանգնում արեւմտահայերէնին, որը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմից գրանցուած է ոչնչացման եզրին գտնուող լեզուների շարքում,- ասաց Էդ. Միլիտոնեանը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու կեդրոնի կայացման գործին»:

Քաղաքագէտ Ա. Մանասեանը արժեւորեց հայագիտութեան ուսումնասիրութեան քաղաքական նշանակութիւնը եւ ներկաների ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն հանգամանքի վրայ, որ հէնց արեւմտահայերէնն ու Արցախի բարբառն են հարազատ մնացել գրաբարեան ընդհանուր արմատին: «Պատերազմող Արցախում` կրակի առաջին գծում, հայագիտական այսպիսի կեդրոնի գործունէութիւնը հայոց անկոտրելի ու բարձր ոգու մասին է վկայում», ասաց Ա. Մանասեանը:

Հենրիկ Էդոյեանի խօսքով, բոլոր լաւագոյն իրադարձութիւնները հայ ժողովուրդը մայիսին է տօնում, եւ այդ ցանկն այսօր համալրւում է եւս մէկով: Բանաստեղծի համոզմամբ, Արցախն իր ուսերին է վերցնում մի մեծ առաքելութիւն` ցոյց տալով հայ ժողովրդի միասնութիւնը, որը դրուած պիտի լինի գիտական եւ գաղափարական հիմքերի վրայ:

Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի նախագահ Դոնարա Գաբրիէլեանը խօսեց ուսումնական հաստատութիւնների համագործակցութեան մասին, քանի որ նրանց ջանքերը ծառայում են նոյն վեհ գաղափարի իրագործմանը` մատաղ սերնդի բարոյահոգեբանական ու հայրենասիրական դաստիարակութեանը: Դ. Գաբրիելեանը կեդրոնին նուիրեց «Հայաստան. ՀՀ եւ ԼՂՀ» գիրք-հանրագիտարանը:

«Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանում գիտահետազօտական կեդրոնի ստեղծումը ոչ միայն գեղեցիկ, այլեւ համարձակ ու խիզախ քայլ է, որը խօսում է բուհի ձեռքբերումների մասին, մանաւանդ` ժամանակակից բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններին ներկայացուող բարձր պահանջների պայմաններում», ասաց ԱրՊՀ փրոֆեսէօր Օֆելիա Բաբայեանը:

Նորաստեղծ գիտական կեդրոնի տնօրէն, բան. գիտ. թեկնածու Ամալիա Գրիգորեանը շնորհակալութիւն յայտնեց կեդրոնի հովանաւորներին եւ ներկաներին` ջերմ մաղթանքների համար, պատմեց կեդրոնում գործող հայագիտական դասընթացների, ծրագրերի ու անելիքների մասին:

Դասընթացի մասնակիցների անունից շնորհակալական խօսք ասաց Աննա Աւանէսեանը: Միջոցառումը եզրափակեցին դասընթացի մասնակիցներ Անգելինա Առուստամեանը եւ Անուշ Եսայեանը, ովքեր արտասանեցին Ե. Չարենցի «Տաղ անձնական» եւ Դ. Վարուժանի «Ձօն» բանաստեղծութիւնները:

Հայագիտութիւնն ընդգրկում է աղբիւրագիտական, լեզուաբանական, գրականագիտական եւ այլ կարեւոր բաղադրիչներ, ինչն արժեւորում է նրա տեղն ու նշանակութիւնը համաշխարհային գիտական մտքի մէջ եւ հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքում: Այս առումով, «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանի «Արեւմտահայերէնի, հայագիտութեան գիտահետազօտական Լուտովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեան կեդրոն»-ը աննախադէպ երեւոյթ է հայագիտութեան արդիական խնդիրներն ուսումնասիրելու ասպարէզում:

«ԳՐԱԿԱՆ ԹԵՐԹ»
18/5/2018

 

 

Կենսական Ձեռնարկ Մը Եւ Փոքր Ճշդում Մը

0
0

Անցնող մայիսին Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանէն ներս բացումը կատարուած է «Արեւմտահայերէնի հայագիտական գիտահետազօտական կեդրոն»-ի մը, որ յոյժ կարեւոր նշանակութիւն ունի, յատկապէս մեզ` արեւմտահայերուս համար: «Գրական Թերթ»-էն քաղուած եւ ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը ընդհանուր գաղափար մը կու տայ մեզի բացման հանդիսութեան եւ կեդրոնի բնոյթի մասին: Ընթերցելէ առաջ կ՛ուզենք ճշդում մը կատարել: Թղթակցութեան մէջ կ՛ըսուի. «Որ հէնց արեւմտահայերէնն ու Արցախի բարբառն են հարազատ մնացել գրաբարեան ընդհանուր արմատին»: Արեւմտահայերէնէն ու Արցախի բարբառէն առաջ, գրաբարեան ընդհանուր արմատին, աւելի հարազատ մնացած է Մուսա լերան բարբառը: Հաստատումը կու գայ Աճառեանէն, որ առանձին հատոր մը գրած է Մուսա լերան բարբառի մասին, որ մինչեւ հիմա անտիպ կը մնայ, հաւանաբար փրոֆ. Էտիկ Աղայեանի արխիւներուն մէջ: Այս պարագան կ՛ուզենք ուշադրութեան յանձնել մեր լեզուաբաններուն, ամենայն լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ:

Մ. Ս. Հ.

«Նարեկացի» արուեստի միութիւնում տեղի ունեցաւ Յասմիկ Գասպարեանի «Սկիզբ» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսի բացումը:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին նկարչի` տարբեր ժամանակահատուածներում ստեղծած աշխատանքները, որոնք յստակ տրամադրութիւններ ունէին:

Յասմիկ Գասպարեանն աւարտել է Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի պետական քոլեճը: Ստեղծագործում է հիմնականում գերիրապաշտական ոճում` իւրօրինակ եւ հետաքրքիր լուծումներով ներկայացնելով իր աշխարհընկալումն ու ներաշխարհը. այժմ աշխատում է «Նարեկացի» արուեստի միութիւնում` որպէս Սեւան Նագգաշեանի անուան նկարչական դասարանի ուսուցիչ:

– Աշխատելով երեխաների հետ` ես աւելի շատ իրենցից եմ սովորում: Նրանք ազնիւ են, համարձակ եւ անկեղծ, ինչը կարեւոր է արուեստագէտի համար,- նշեց նկարչուհին:

Բացման հանդիսաւոր արարողութեանը ներկայ էր նաեւ «Նարեկացի»է արուեստի միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեանը, ով ողջոյնի իր խօսքում նշեց.

– Ես չեմ ուզում խօսել Յասմիկի նկարչուհի տեսակի մասին, քանզի բոլորս էլ տեսնում ենք նրա աշխատանքները: Ես կը խօսեմ Յասմիկի մարդ տեսակի մասին. նա լռակեաց է, համակերպուող, աշխատասէր, նուիրուած… Յասմիկի մէջ կայ գոյների ներդաշնակութիւն եւ զգացողութիւն: Ես շնորհակալ եմ նրան իր համբերատարութեան, սիրալիրութեան եւ այն նուիրումի համար, որով աշխատում է միութիւնում:

Յասմիկ Գասպարեանն իր աշխատանքներով ներկայացել է եւ՛ անհատական, ե՛ւ խմբակային բազմաթիւ ցուցահանդէսների:

Սեւան

 

Բնանկար

2018-07-23

 

Տեսակէտ. Ընդունելի Չէ

0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Այս ամառ ուրախանալի երեւոյթ էր, որ շաբաթը եօթը օր Հայաստան թռիչք ունէինք: Նոյնիսկ շաբաթներ եղան, որ թիւը իննի հասաւ:

Հետաքրքրական եւ քաջալերական երեւոյթ էր նաեւ, որ ոչ հայերու մեծ թիւ մը Հայաստան երթալու բնական փափաք մը կը դրսեւորէր: Աւելի ուրախալի էր անոնց վերադարձէն ետք դրական արտայայտութիւնները մեր հայրենիքի մասին:

Պէտք է ըսել, որ վերջին տարիներուն դէպի Հայաստան զբօսաշրջութեան ալիքի աճը իսկապէս  սրտի մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ: Մանաւանդ որ Հայաստանի ապահովութիւնը, յարմարութիւնները, մաքրութիւնը, տեսարժան վայրերու մուտքի յարմար սակերը, բոլորը գումարած` ընդհանուր լաւ մթնոլորտ մը ստեղծած են:

Ուրեմն պատահեցաւ, որ այս տարի երկու անգամ Հայաստան երթալու բախտը ունենամ: Օդակայանը  սպասման սրահին մէջ հանդիպեցայ ընտանիքներու, որոնք իրենց ամրան արձակուրդը որոշած էին Հայաստան անցընել, ոմանք առաջին անգամ ըլլալով, ուրիշներ` երրորդ կամ աւելի անգամներ:

Սակայն ցաւալին հոն էր, որ այդ ընտանիքներէն մաս մը մեր հայկական վարժարաններու ծնողներ էին, որոնք ամբողջ տարին նիւթական իրենց պարտաւորութիւնը չէին կատարած: Աւելի՛ն. օժանդակութիւններու դիմած էին, նպաստներ ստացած էին ֆոնտերէն, գոնէ մէկ-երկուքը անձամբ գիտեմ, եւ հիմա հաւանաբար «պարտք»-ով Հայաստան կ՛երթան: Մինչ, անդին, պարտականութեան գիտակցութիւնը ունեցող ծնողներ, որոնք իրենց հացէն ու հագուստէն զրկած եւ դպրոցին վճարած են չեն կրնար Հայաստան երթալ:

Այս հարցին մէջ ուրիշ հարց կայ: Այս օրերուն, կարծէք, հայկական վարժարան ղրկելու մեր ծնողներու որոշումը այնպէս մը կը թարգմանուի, որ մենք` պատասխանատուներս մեծապէս շնորհակալ պէտք է ըլլանք իրենց:

Այսինքն կը մնայ, որ հայկական վարժարան ղրկելու որոշումը տան միայն, մնացածը ազգը պէտք է հոգայ. չէ՞ որ հայկական վարժարան կը ղրկեն: Եթէ շատ գանգատինք, դպրոցէն կը հանեն: Այս ձեւով ալ տնօրէններուն կը սպառնան:

Ժամանակին մեր ծնողները ազգին շնորհակալութիւն կը յայտնէին, որ հայկական վարժարան կը պահուի: Հիմա ազգը շնորհակալութիւն կը յայտնէ, որ ծնողները` «գիտակից» ծնողները ազգին դպրոցները կը պահեն:

Շատ ծիծաղելի է:

Այսօր ազգը շնորհակալ պիտի ըլլայ, որ հայ աշակերտը հայկական դպրոց կը յաճախէ եւ կրթական, նիւթական, բարոյական ու երբեմն ընկերային, առողջապահական, դատական բոլոր հոգերը ազգը կը ստանձնէ:

Ուրիշ խօսքով, կ՛աղաչենք, որ հայկական վարժարաններու յանձնէք ձեր զաւակները:

Ո՛չ, սիրելիներ:

Այսպէս կարելի չէ շարունակել: Կա՛մ երկուքս զիրար պէտք ունինք, կա՛մ ալ եթէ խօսք պիտի լսենք, միայն պիտի ակնկալենք, բայց նուազագոյն ներդրումն ու գիտակցութիւնը պիտի չունենանք, չենք կրնար շարունակել:

Առաջնահերթութիւնները գիտնալը շատ կարեւոր է: Առաջնահերթութիւնները զգալը շատ կարեւոր է: Ազգային կառոյցները չեն եղած անսահման ծառայութեան համար: Եղած են փոխադարձ ծառայութեան յանձնառութեամբ:

Բոլոր ֆոնտերը ինքնանպատակ կ՛ըլլան, եթէ ֆոնտերէն օգտուողները միայն օգտուին:

Սկզբունքը այն է, որ ինչ որ ազգը կու տայ, պարտաւոր ես ազգին վերադարձնել: Խօսքով, գործով կամ յանձնառութեամբ:

Հայկական վարժարանները իրենց բոլոր բացթողումներով մեր Հայ դատի, հայապահպանութեան եւ ապագայի կերտման օճախներն են:

Այս ոգիով մեր զաւակները յանձնենք հայկական հաստատութիւններուն: Վաղը ուշ պիտի ըլլայ:

Վերջապէս, կրկնելու գնով ըսեմ, որ Լիբանանը համայնքային երկիր է: Որեւէ հարցի, որեւէ իրաւունքի, որեւէ դժուարութեան պարագային, դուք որքան ալ հայութենէ հեռանաք, օտարանաք եւ քաղքենիանաք, ձեզ հայ պիտի սեպեն: Այնպէս որ, մեր միութիւնը զօրութիւն է: Այսպէս է, որ զօրաւոր կը մնայ մեր համայնքը: Այսպէս է, որ ճառագայթող կ՛ըլլայ լիբանանահայութիւնը:

 

 

Հիւսիսային Օսեթիոյ «Ուրուականի Վերածուող» Գաղութը

0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Հիւսիսային Օսեթիոյ հայութեան պատմութիւնը կը սկսի ԺԸ. դարուն: Վաւերական փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ առաջին հայերը բնակութիւն հաստատեցին Մոզտոքի մէջ, 1763 թուականին: Ծերակոյտի հրահանգով անոնք  առանձնաշնորհումներ ստացան` առանց մաքսատուրքերու լեռնականներուն հետ առեւտուրի իրաւունք, գիւղատնտեսական աշխատանքներու համար սեփական հող ունենալու արտօնութիւն` առանց որեւէ սահմանափակումներու եւ տուրքերէ ազատ մնալու իրաւունքով: Հայութեան մեծամասնութիւնը Մոզտոք փոխադրուեցաւ դրացի շրջաններէն` Քապարտինօ Պալքարէն, Աստրախանէն, Ղզլարէն: Քաղաքին մէջ գոյութիւն ունէր հայկական թաղամաս, ուր գրեթէ ինն հարիւր բնակիչներէն եօթը հարիւրը հայեր էին: 1863 թուականին Մոզտոքի մէջ կը բնակէր 8760 մարդ, որոնցմէ 3000 հայ բնակչութիւն էր: Հայերը ոչ միայն բնիկ մոզտոքցիներ կը համարուին, այլ նաեւ` քաղաքը առաջին կառուցողները: 1763 թուականին, հազիւ քաղաքին հիմը դրուեցաւ, մէկ տարի ետք արդէն հոն կ՛ապրէին տասնեակ մը հայ ընտանիքներ, որոնց շարքին` Պետրոսեաններ եւ Վարդանեաններ ընտանիքները: Հոն, ուր հայերը կը հաստատուէին, անմիջապէս եկեղեցիներ կը կառուցուէին, արհեստներ կը զարգանային, առեւտուրը կ՛աշխուժանար: Մոզտոքի հայութեան զաւակներէն շատերը դարձան հանրածանօթ գիտնականներ, մշակոյթի գործիչներ եւ յաջող գործարարներ: 1992 թուականին, ազգային գիտակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով, Մոզտոքի մէջ սկսան հիմնուիլ ազգային մշակութային միութիւններ: Անոնցմէ առաջինը եղաւ «Արարատ» մշակութային միութիւնը, որուն հիմնական նպատակները դարձան ազգային մշակոյթի պահպանումը, հայերէնի ուսուցումը, ինչպէս նաեւ` բարեգործական գործունէութիւնը: 2013 թուականին Հիւսիսային Օսեթիոյ խորհրդարանին մէջ Մոզտոքէն ընտրուեցաւ ազգութեամբ հայ երեսփոխան մը: Հիւսիսային Օսեթիոյ հայութեան մեծամասնութիւնը, սակայն, կեդրոնացած է Վլատիկավկազ քաղաքին մէջ, որ հանրապետութեան մայրաքաղաքն է: Առաջին հայերը` թիւով իննսուն վեց հոգի, որոնց մեծամասնութիւնը վաճառականներ եւ արհեստաւորներ էին, Վլատիկավկազ հասան ԺԹ. դարու առաջին կէսին, երբ ռուս-թրքական պատերազմէն ետք (1828-1829) Արեւելեան Հայաստանը կցուեցաւ Ռուսական կայսրութեան: 1839 թուականին քաղաքի մէջ հաստատուած հայերը առաքելական եկեղեցի կառուցելու փափաք յայտնած են իշխանութիւններուն: 1843 թուականին կատարուեցաւ փայտաշէն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծման կարգը: Յայտնի է, որ Վլատիկավկազի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին Հիւսիսային Կովկասի հնագոյն եկեղեցին է: Հետզհետէ հայ բնակչութեան թիւը աճ կ՛արձանագրէր, եւ պզտիկ եկեղեցին այլեւս սկսաւ նեղ գալ հաւատացեալներուն համար, մանաւանդ` տօնական օրերուն: 1897 յունիս ամսուն սկսաւ քարաշէն եկեղեցւոյ կառուցումը: Էջմիածինէն հրաւիրուած էին շինարարներ, իսկ նիւթական միջոցներ յատկացուեցան Աստրախանի Թեմական ժողովին կողմէ` Մատթէոս Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հրահանգով, ինչպէս նաեւ հանգանակութիւնը կատարուեցաւ տեղացի հայ հաւատացեալներուն մէջ: Ծախսերուն բաժին մը իր վրայ վերցուց Միքայէլ Լորիս Մելիքով, որ այն օրերուն Թերսքի մարզի մարզպետի պաշտօնը կը վարէր մարդ, որ իր փայլուն հետքը ձգած է քաղաքի պատմութեան մէջ: 18 օգոստոս 1902-ին կատարուեցաւ նորակառոյց եկեղեցուոյ օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այն օրէն սկսեալ եկեղեցին ոչ միայն աղօթքի տուն դարձած է, այլ նաեւ` Վլատիկավկազի հայութեան համախմբման միակ վայրը: Այսօր անոր շրջափակին մէջ քանի մը խաչքարեր զետեղուած են. Հայոց ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն սուրբ նահատակներուն նուիրուած, հայ ազգի քրիստոնէութեան ընդունման 1700-րդ ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 170-րդ տարեդարձին նուիրուած: ԺԹ. դարու վերջաւորութեան Վլատիկավկազի հայ բնակչութիւնը կը կազմէր հազար եօթը հարիւր հոգի: Ցեղասպանութեան ժամանակ Արեւմտեան Հայաստանէն հազարաւոր գաղթականներ եկան եւ հաստատուեցան քաղաքին մէջ: 1915-էն ետք Մոզտոք եւ Վլատիկավկազ դարձեալ ջարդերէն ճողոպրած մեծ թիւով հայեր ընդունեցին (որոնց մէջ մեծ մեծ մեծ հայրս էր` Յակոբ Մուրատեանը իր ընտանիքով), մօտաւորապէս` վեց հազար վեց հարիւր հոգի: Այդ օրերուն Վլատիկավկազի մէջ այլեւս քիչ թէ շատ կազմակերպուած հայ համայնք կար` իր եկեղեցիով եւ բարեգործական միութեամբ, որ զգալի կերպով օգնեց գաղթականներուն` նիւթական եւ բարոյական դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ տեղւոյն կեանքին համարկուելու: Հայերը, որոնք Ի.-րդ դարու սկիզբը Հիւսիսային Օսեթիա հաստատուեցան, արտօնուած էր իրենց բնակած տեղերուն վրայ մնայուն կերպով մնալ եւ մաս կազմել քաղքենի դասակարգին: Պարտադիր պայման էր ռուսական քաղաքացիութեան ընդունումը, հայերը պարտէին զինուորական ծառայութիւնը կատարել միւս ազգաբնակչութիւններուն համահաւասար պայմաններով: 1920 նոյեմբերին հայ համայնքը գրեթէ տասը հազար կը հաշուէր: Հարկ է նշել, որ Վլատիկավկազի մէջ ծնած են հանրածանօթ դէմքեր, որոնց համբաւը տարածուեցաւ Հիւսիսային Օսեթիոյ սահմաններէն դուրս` Ռուսիոյ ամբողջ տարածքին եւ նոյնիսկ արտասահման: Միւնիխի ճեմարանի շրջանաւարտ Արտեմ Կացեանը` առաջին օդաչուն, որ 1915-ին Օսեթիոյ երկինք թռչող սարքը` երկթեւ օդանաւը բարձրացուց, Ռուսիոյ առաջին արհեստավարժ օդաչուներէն մէկն էր: Դպրոց յաճախած տարիներուն ուսուցիչները միշտ խրատեցին Կացեանը, որ գեղարուեստական կրթութեան հետեւի, սակայն ինքը «երկինքը ընտրեց»: Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ օդային կռիւներուն ընթացքին ցուցաբերած քաջութեան համար երկու Գէորգեան խաչերով պարգեւատրուեցաւ: Կացեանի դասընկեր Եւկենի Վախթանգով, յայտնի բեմավար, պատանի տարիքէն սկսաւ յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել թատրոնի հանդէպ: Մոսկուայի մէջ թատերական դպրոց աւարտելէ ետք, Վախթանգովը շուտով հռչակաւոր բեմավար դարձաւ եւ իր ներդրումը ունեցաւ Ռուսիոյ թատերական արուեստի զարգացման մէջ: Մինչեւ 1917 թուական հայեցի կրթութիւն կարելի էր ստանալ հայ եկեղեցուոյ հովանիին տակ գործող պզտիկ վարժարանի մը մէջ: Պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք, նոր տնտեսական քաղաքականութեան (ՆՏՔ) տարիներուն Վլատիկավկազի հայութիւնը իրաւունք ստացաւ քաղաքի թիւ 20 դպրոցին մէջ հայկական դասարան մը բանալ, ուր ուսուցումը գրեթէ ամբողջովին հայերէնով կը տրուէր: Ի դէպ, մեծ մեծ մայրս` Վառվառէ այս դպրոցի հայկական դասարանի շրջանաւարտներէն էր: Այս տարի Լիբանան այցելութեանս ընթացքին, հին եւ նոր ընկերներուս հետ զրուցելով, բաւական հետաքրքրական եւ հիացմունք պատճառող գիտելիքներ քաղած եմ իմ ապրած քաղաքիս մասին: Այդպէս իմացայ, որ Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն Վլատիկավկազի մէջ ՀՅԴ-ի «Նալպանտ» Կեդրոնական կոմիտէն հաստատուած էր, որ աւելի ուշ վերանուանուեցաւ «Ժլատ» անունով: Նաեւ գիտցայ, որ 1930-ական թուականներուն քաղաքիս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը Խանասորի արշաւանքին մասնակիցներէն էր, որուն յուշերը առանձին գրքոյկով մը լոյս տեսած են: Ստալինի բռնապետութեան տարիներուն, 1930-ական եւ 1940-ական թուականներուն, երբ Ռուսիոյ ամբողջ տարածքին եկեղեցիները անգութ կերպով կը քանդուէին կամ կը գոցուէին, իսկ կրօնը եւ հոգեւորականները մնայուն հալածանքի տակ էին, Վլատիկավկազի Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին միակ եկեղեցին էր քաղաքի մէջ, որ շնորհիւ իր հօտին քաջ եւ սպառնալիքները արհամարհած կեցուածքին` շարունակեց իր առաքելութիւնը տանիլ եւ դռները բաց պահել ոչ միայն հայ հաւատացեալներուն, այլ նաեւ միւս ազգերու եւ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն առջեւ, որոնք կու գային կիրակնօրեայ պատարագին մասնակցելու: Այս է մեր գաղութին անցեալը: Ի՞նչ ունինք այսօր: 1980-90-ական թուականներուն Հայաստանէն եւ Արցախէն Հիւսիսային Օսեթիա տեղափոխուեցան մօտաւորապէս ութ հազար հայեր, որմէ ետք գաղութի այսօրուան թուային պատկերը, անպաշտօն տուեալներով, քսան երեքէն քսան հինգ հազար դարձաւ: Խորհրդային Միութեան տարիներուն շրջանի հայութեան զաւակները հրաշալի կարելիութիւն ունէին նուիրատուութեանց միջոցով բացուած դպրոցի մը մէջ հայեցի կրթութեամբ կազմաւորուելու, սակայն տարիներու ընթացքին աշակերտութեան թիւը սկսաւ նուազիլ, պետութիւնը այլեւս մտադիր էր գոցելու վարժարանը, եւ երբ դպրոցին տնօրէնը իր զաւակները հայկական դպրոց դնելու տեղ ռուսական դպրոցը ղրկեց, իբրեւ պատրուակ օգտագործելով անոր այդ անխոհեմ քայլը` վերջնականապէս փակեց դպրոցը եւ շէնքը ներքին գործոց նախարարութեան յանձնեց: Այսօր շրջանին մէջ հայկական դպրոց չունինք, սակայն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կիրակնօրեայ դասարան մը կը գործէ, ուր ամէն շաբաթ եւ կիրակի օրերը Հայաստանէն եկած ուսուցչուհին դասեր կու տայ: Ուսումնական ծրագիրը կը կազմէ երեք տարի, որոնց ընթացքին մանուկները եւ պատանիները կը սորվին հայոց գիրերը, ուղղագրութիւն, գրել-կարդալ, ինչպէս նաեւ` քիչ մը խօսիլ: Սակայն հարկ է նշել, որ դասարան յաճախողներուն թիւը քիչ է, բացառիկ տարիներուն տասէ աւելի կ՛ըլլայ: Աւելորդ պիտի չըլլայ խոստովանիլ, որ Օսեթիա ծնած ու մեծցած անձերը ընհանրապէս եւ երիտասարդները մասնաւորապէս մականունով հայ են միայն, ո՛չ հայերէնը գիտեն, ո՛չ ալ ազգային գիտակցութիւն, շատ յաճախ տեղացի ժողովուրդին աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն, ինչպէս նաեւ որոշ պարագաներուն ալ լեզուին հանդէպ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն, քան թէ` սեփական մշակոյթին: Շատերուն համար Մեսրոպ Մաշտոց եւ Վարդան Մամիկոնեան իսկ «անծանօթ դէմքեր» են: Թերեւս բնական է այս երեւոյթը: Հայեցի դաստիարակութիւն ստանալու հնարաւորութենէն զրկուած, կուսակցական կամ միութենական կեանք գոյութիւն չունեցած միջավայրի մը մէջ բնական է, որ մարդը պիտի ձուլուի եւ կորսուի: «Էրեբունի»  մշակութային միութիւնը գոյութիւն ունի Վլատիկավկազի մէջ, որուն 30-ամեակը այս տարի կը լրանայ: Սակայն երեսուն տարիներու ընթացքին ոչ մէկ արդիւնաւէտ քայլի մը կրցած են նախաձեռնել, որ օգտակար պիտի ըլլար համայնքին համար եւ կազմակերպէր գաղութը: Միութեան հետապնդած նպատակները (հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցումը, ազգային մշակոյթի պահպանումը, արուեստներու զարգացման քաջալերանքը) մեռեալ տառ մնացին թուղթի վրայ: Պատճառը այն է, որ իրենք զիրենք վարիչներ կարծող անձերը ո՛չ ազգային ջիղ ունին, ո՛չ ալ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, արդէն չեմ ըսեր, որ հայերէնը չեն գիտեր եւ հայ պատմութեան ծանօթ չեն: Կը պատահին տարիներ, երբ ատենապետի պաշտօնը ազգութեամբ ոչ հայոց անհատը կը վարէ: Գաղութին միակ ազգային բուն կառոյցը եկեղեցին է, որ նոյնպէս լուրջ խնդիր կը դիմագրաւէ` տօնական օրացոյցը գործադրելու իմաստով: 2011-ին Էջմիածինէն հրահանգ եկաւ, որ մեր եկեղեցի Գրիգորեան (նոր) օրացոյցին անցնի (ութսուն ութ տարիներու ուշացումով), սակայն հայութեան մէկ մասը մերժեց հրահանգին ենթարկուիլ` տասնամեակներու ընթացքին ընդունուած կարգը չխախտելու պատրուակով: Այդպէս, շրջանի հայութիւնը երկուքի բաժնուած է. Հայաստանէն փոխադրուածները նոր օրացոյցին կը հետեւին, իսկ տեղացի հայութեան մեծամասնութիւնը հինին վրայ կը յամառի: Քանի մը տարի առաջ անիմաստ այս «մրցակցութիւնը» խելագարութեան աստիճանի հասած է, երբ հին օրացոյցին «հաւատարիմներու» ճնշումով եւ կողմերէն ոչ մէկուն նեղութիւն պատճառելու քահանայի «փափկանկատութեամբ», հանդիսաւոր կերպով երկու Զատիկ տօնուեցաւ` նոր եւ հին օրացոյցերով: Թերեւս իմ այս տողերը կարդալով` ընթերցողները պիտի ըսեն, որ անտեղի քննադատութիւններ կը թափեմ շռայլօրէն, որոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ: Սակայն, յարգելի՛ հայրենակիցներ, հաւատացէ՛ք, որ իմ արդար զայրոյթէս եւ գաղութիս մէջ տիրող տխուր կացութենէն (ազգային եւ կազմակերպական առումով) հարիւրէն տասը տոկոս նոյնիսկ չեմ յայտներ սոյն տողերով: Յոռետես չեմ, բայց իրատես եմ: Տարիներէ ի վեր կը տեսնեմ, որ գաղափարականի տեղ չկայ մեր գաղութի հայութեան մէջ, այլ նախ եւ առաջ` նիւթականի: Նախքան որեւէ նախաձեռնութեան ձեռք զարնելը, մարդիկ, տալիքէն աւելի, ստանալիքի մասին կը մտածեն: Հաւանաբար միւս գաղութներուն մէջ ալ նմանատիպ խնդիր գոյութիւն ունի, սակայն ես կը կարծեմ, որ աններելի յանցագործութիւն է հազարներ հաշուող համայնքները անտէր վիճակին մէջ իր բախտին ձգելը, միաժամանակ` միասնականութեան հրաւէր կարդալով: Ուրեմն, այս յօդուածով գաղութիս ներկայացումը կատարելու զուգահեռ, ես կ՛ուզեմ հայութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Հիւսիսային Օսեթիոյ հայ գաղութի ցաւալի վիճակին վրայ, որպէսզի անդրադարձ կատարուի միւս փոքր գաղութներուն եւ համայնքներուն վրայ, որոնց մասին չի խօսուիր, սակայն կան անոնք եւ լուսարձակներէ հեռու` կը տուայտին այլասերիչ ճիրաններու մէջ, տակաւ-տակաւ չքանալով եւ վերջապէս պարզ զանգուածներու վերածուած` տեղացի ժողովուրդներուն մէջ ձուլուելով: Մե՜ղք է, սիրելի՛ ընթերցող, որ հազարներ հաշուող համայնքները կը կորսուին, մինչ այդ, կազմակերպուելու պարագային, կրնան հոգեւորականներ, կրթական մշակներ, կուսակցական գործիչներ եւ մտաւորականներ տրամադրել, որոնք հայ կեանքէն ներս ներդրումի իրենց բաժինը կրնան ունենալ, եւ ինչո՞ւ չէ, ազգային յառաջդիմութեան ազդակներ կրնան դառնալ: Վերջապէս, չեմ ուզեր, որ քանի մը սերունդ ետք Վլատիկավկազի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցուոյ շէնքը միակ յիշատակարանը ըլլայ հոն  ապրած տասնեակ հազարաւոր հայութեան:

 

 

 

Հայ Բեմում Յաւերժող Շէյքսփիրը

0
0

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Արուեստագիտութեան դոկտոր

Հայ թատրոնի արդի բեղուն ընթացքին նուիրուած թատերագիտական գրականութիւնը հարստացաւ Հայաստանում վերջերս լոյս տեսած «Արմէն Խանդիկեանի շէյքսփիրականը» ժողովածուով («Վան Արեան» հրատարակչութիւն): Արմէն Խանդիկեանի (ծնողական արմատներով պէյրութցի է) անունը քաջածանօթ է ե՛ւ հայրենիքի, ե՛ւ արտերկրի, ե՛ւ սփիւռքի թատերասէրներին: Նաեւ լիբանանահայ մտաւորականութիւնը ցայսօր հաճելիօրէն, բարձր գնահատութեամբ յիշում է 1992թ.ին Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան տրամաթիքական թատրոնի այն հիւրախաղերը, երբ Պէյրութում «Յ. Տէր Մելքոնեան» սրահում թատրոնը ներկայացրեց Պարոյր Սեւակի «Անվերջ վերադարձ» եւ Պերճ Զէյթունցեանի «Մեծ լռութիւն» թատրերգութիւնները: Լեցուն դահլիճը յոտնկայս երկարատեւ ծափահարութիւններով իր հիացմունքին արժանացրեց թատրոնի անուանի դերասաններին, ինչպէս նաեւ` գեղարուեստական ղեկավար եւ տնօրէն Արմէն Սամուէլի Խանդիկեանին:

… Երեւանի Հր. Ղափլանեանի անուան տրամատիքական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական դերասան, պետական մրցանակի դափնեկիր: Այս պաշտօնական տիտղոսների ետեւում, իր ողջ էութեամբ, իր հարուստ հոգեմտային ներաշխարհով, իր կեանքի իւրաքանչիւր օրն ու ժամը թատերարուեստի նուիրած, Հր. Ղափլանեանի անուան թատրոնը իր համար հարազատ տուն-օճախ դարձրած բեմադրիչ Արմէն Խանդիկեանն է: Նա, ով իր ամբողջ ստեղծագործական կեանքը դրեց ի նպաստ հայ թատրոնի զարգացման եւ յարատեւման: Նաեւ` ի նպաստ համաշխարհային թատրերգութեան անմար գոհարներին նոր շնչով կրկին ու դարձեալ բեմական կեանք պարգեւելուն:

Նշելի է, որ յիշեալ ժողովածուի հրատարակումը նուիրուած է ընթացիկ տարուայ երկու արժէքաւոր յոբելեաններին. Արմէն Խանդիկեանի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին, եւ Երեւանի Հր. Ղափլանեանի անուան տրամաթիքական թատրոնի հիմնադրման

50-ամեակին: Թատրոն, որը արդէն կէս դար իր բարձրամակարդակ ստեղծագործական ներդրումն ունի հայ ազգի բազմադարեան թատերական ընթացքի մէջ:

«Արմէն Խանդիկեանի շէյքսփիրականը» ժողովածուի կազմողներն են` գրող, բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր Նորայր Ադալեանը եւ արձակագիր, թատերագիր, մշակութաբան Վան Արեանը:

Ժողովածուի մէջ զետեղուած են տարիների ընթացքում գրուած, մամուլում տպագրուած յօդուածներ, ակնարկներ` նուիրուած Հր. Ղափլանեանի անուան թատրոնում Արմէն Խանդիկեանի բեմադրած Ու. Շէյքսփիրի թատրերգութիւններին. «Համլեթ», «Յուլիոս Կեսար», «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ», «Մաքպեթ»: Եւ ինչպէս արդարացիօրէն նշուած է ժողովածուի կազմողների նախաբանում, «Արմէն Խանդիկեանի այս բեմադրութիւնները ոչ միայն նրա, այլեւ նորագոյն հայ թատրոնի ակնառու նուաճումներից են եւ լաւագոյնս բնորոշում են ինչպէս նրա տաղանդը, այնպէս էլ մեր հազարամեայ բեմական արուեստի համամարդկային էութիւնը»: Արժէ յիշատակել, որ Երեւանի Հր. Ղափլանեանի տրամաթիքական թատրոնի խաղացանկում շէյքսփիրեան բեմադրութիւնների մշտական ներկայութեան աւանդոյթը ստեղծել էր այդ թատրոնի հիմնադիր, ԽՍՀՄ ժողովրդական դերասան, պետական մրցանակների դափնեկիր Հրաչեայ Ղափլանեանը: Նրա բեմադրած Շէյքսփիրի թատրերգութիւնները «Հենրի Վեցերորդ, կամ կարմիր ու սպիտակ վարդերի պատերազմը», «Ռիչըրդ Երրորդ»` իրենց մեծ, նշանակաւոր ներդրումն ունեցան արդի հայ թատրոնի շէյքսփիրեան պատմութեան մէջ: Այդ գնահատելի աւանդոյթը իր բացառիկ տաղանդով շարունակեց, ծաղկեցրեց, նորովի իմաստաւորեց Արմէն Խանդիկեանը:

«Արմէն Խանդիկեանի շէյքսփիրեան բեմադրութիւնները օժտուած են իւրայատուկ հմայքով: Հէնց դրանց մէջ է Արմէն Խանդիկեանը հաստատում, որ ինքը շէյքսփիրեան կայացած բեմադրիչ է, որը հրաշալի է զգում վերածննդի հանճարի ստեղծագործութիւնների առանձնայատկութիւնները, կարողանում է գտնել դրանց մատուցման ժամանակակից արտայայտչաձեւերն ու սկզբունքները: Արմէն Խանդիկեանը հայ բեմական շէյքսփիրապատումը տանում է դէպի նոր հանգրուանները»,  գրքի իր գրախօսականներից մէկում նշել է թատերագէտ Լեւոն Մութաֆեանը: Միանգամայն ճշմարտացի է Նորայր Ադալեանը` գրելով. «Արմէն Խանդիկեանը թանկ ու սիրելի անուն է իր հարազատ թատրոնում եւ թատերական կեանքում, ինչպէս նաեւ սփիւռքում ճանաչուած դէմք է, որից դեռ շատ ստեղծագործական ակնկալիքներ ունենք»:

Շնորհիւ աշխարհահռչակ, անմահ թատրերգութիւնների Արմէն Խանդիկեանի իւրայատուկ, տաղանդաւոր բեմականացման («Համլեթ», «Յուլիոս Կեսար», «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ», «Մաքպեթ») հայ արդի թատրոնի պատմական ընթացքը հարստանում է իր բեմում յաւերժող Ուիլիըմ Շէյքսփիրով:

Երեւան-Պէյրութ

«Արամ Մանուկեան. Նամականի» Գիրքին Շնորհահանդէսը Շուշիի Մէջ

0
0

Սեպտեմբեր 11-ին Շուշիի մէջ` Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան շէնքին մէջ, կայացած  է Երուանդ Փամպուքեանի «Արամ Մանուկեան. նամականի» գիրքին շնորհահանդէսը: Անիկա Արամ Մանուկեանի տասնամեայ (1904-1915) նամակագրութիւնն է`  ամբողջական բովանդակութեամբ ու ժամանակագրական հերթականութեամբ:

Հայոց պետականութեան հիմնադիրի կեանքին ու գործունէութեան մէկ ժամանակաշրջանը ներկայացնող գիրքի շնորհահանդէսին ներկայ էին` Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, գիրքի հեղինակ Երուանդ Փամպուքեանը, ընթերցասէրներ, լրագրողներ:

Սկսելով ձեռնարկը` Համազգային հայ կրթական և մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանը նշած է, որ գիրքին մէջ կը ներկայացուի ոչ միայն այդ ժամանակաշրջանի հայկական իրականութիւնը, այլ նաեւ լոյս  կը սփռուի Արամ Մանուկեանի անձնաւորութեան վրայ: «Գիրքին մէջ զետեղուած 354 նամակները մեծ մասամբ անտիպ են, որոնցմով լուսարձակի տակ կ՛առնուին Արամ Մանուկեանի կերպարը», իր խօսքին մէջ  ըսած է Հերմինէ Աւագեանը:

Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը նշած է, որ պատահական չէ գիրքի շնորհահանդէսի կազմակերպումը Արամ Մանուկեանի ծննդավայր Շուշիի մէջ, որ անկասկած մեծ ազդեցութիւն ունեցած է ապագայ քաղաքական ու յեղափոխական գործիչի ձեւաւորման գործին մէջ: Նախարարը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ պատմութեան անխոնջ ուսումնասիրող Երուանդ Փամպուքեանին` կատարած աշխատանքի համար:

Գիրքին հեղինակը ներկաներուն հետաքրքիր մանրամասնութիւններ ներկայացուց Արամ Մանուկեանի կեանքի մասին` շեշտելով, որ ան անանձնական, համեստագոյն, նուիրեալ, համբերատար մարդ էր: Ան ահաւոր յօդացաւեր ունէր, բայց աշխուժօրէն կը մասնակցէր յեղափոխական պայքարին, դարձած էր բոլոր վանեցիներու սիրելին, հակառակ անոր որ վերջիններս այնքան ալ չէին սիրեր եկուորները:

Արցախի պետական համալսարանի փրոֆեսէօր Արարատ Վարդանեանը կարեւոր նկատած է նման նախաձեռնութիւն մը եւ` շեշտած, որ Արամ Մանուկեանն իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ ժողովուրդին, պայքարած ժողովուրդի ազատութեան համար, հայոց անկախ պետականութեան վերականգնման համար, եւ տպագրուած գիրքով ընթերցողները նոր տեղեկութիւններ կրնան ստանալ ազգանուէր գործիչին մասին:

Շնորհահանդէսը կայացած է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի համագործակցութեամբ: Անիկա նուիրուած էր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին:

 

Սիրոյ Բացակայութեան

0
0

ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ 

Թող անիրապաշտ, ժամակավրէպ ու անգործնական համարուին այս տողերը, բայց կ՛ուզեմ նշել, որ այսպէս սնանած ենք մենք` առասպելներու եւ հեքիաթներու հաւատացողներս, մենք կ՛ապրինք մեր հեքիաթները, մեր սիրով ու յոյսով շաղախուած հեքիաթները` իրականութիւն դարձնելու անկոտրում վճռակամութեամբ:

Կար ու չկար` բարոյականութիւն հասկացողութիւնը կար, որ չէր սահմանափակուեր լոկ կուսաթաղանթով, ունէր աւելի ծաւալուն հասկացողութիւն եւ ներկայ էր մեր ազգային կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ: Կար ու չկար մե՜ծ սիրով առաջնորդուելու եւ առաջնորդելու վճռակամութիւնը կար:

Եղեռնազարկ ժողովուրդի հացի կարօտ բեկորներ, արդարութեան, ազատութեան ծարաւով մազապուրծ անարգ մահէն ազատած, աննկարագրելիօրէն բռնաբարուած արժանապատուութեամբ, սակայն կեանքին, ազատութեան եւ արդարութեան ատամներով կառչած` կանգնած էինք միասնաբար այս արեւին տակ մենք մեզ վերահաստատելու, նորէն սիրելու, յուսալու եւ հաւատալու հրամայականին առջեւ:

Եւ մշակն ու բանուորը միացան` բազմիցս ճզմելով շահագործող ցեցերը, առա՛ջ գացին, եղբայրական սիրո՛յ զէնքով հազար բարիք ժայթքեցին, անվախ քարին տակ չոքող ժողովուրդը կազմակերպ ա՛զգ դարձաւ, անսխալ խփողը, մտաւորականն ու հոգեւորականը մէկ պատնէշի վրայ կանգնելով, միւռոնաբոյր արեամբ գրեցին` ամբողջ աշխարհին աչքը ծակելով ամենագեղեցիկ հեքիաթները… Հեքիաթնե՞ր, մի՞թէ հեքիաթ է Լիզպոնը, հեքիա՞թ են մեր աշխարհասփիւռ մամուլն ու հայկական դպրոցները, մեր հաւատքի տուներն ու ակումբները: Հեքիաթ են ազատ Արցախն ու անկախ Հայաստանը:

Անսակարկ ինքնամոռաց սիրոյ, բարոյականութեան, անհո՜ւն զրկանքի, տառապանքի ծնունդ են այս բոլորը: Հազարաւոր չհամբուրուած համբոյրներու, անվերադարձ մեկնած խրոխտ հայրերու, որբացած հազարաւոր արեւ աչուկներով երեխաներու, արցունքով, արիւնով, քրտինքով երգուած, ապրող, որոտացող առասպել է սա, ի՜նչ հեքիաթ:

Բայց մենք որքա՜ն շուտ մոռցանք մեր անցեալը, երբ Երեւանի փողոցներուն մէջ ծածանող եռագոյնը իրենց ամենահամարձակ երազներուն մէջ տեսնողները օրհնուած, բախտաւոր եւ ընտրեալ կը համարուէին: Եթէ ասկէ երեսուն տարի առաջ մէկը խօսէր այսպիսի հրասայլերով, թնդանօդներով, հեռահաս հրթիռներով, ուղղաթիռներով, մարտունակութեամբ, շռնդալից յաղթանակներ տարած հայկական բանակի մասին, զինք, հէ՜յ վախ,  զառամած կը համարէին:

Մենք զառամած ազգ չենք, մեր սերունդը Սասունցի Դաւիթի առասպելը քանի՜ անգամներ ապրելու, շօշափելու բախտաւորութիւնը ունեցաւ, երբ ազատագրուեցան` Շուշին, Քարվաճառը, Մարտակերտը, Մարտունին… Երբ սէրն ու բարոյականութիւնը կը դառնան աշխատելաոճ, ոչ միայն հեքիաթներ կ՛իրականանան, այլ առասպելներ կը վերապրուին` ի զարմանս աշխարհի եւ մեզի ալ…

Ափսո՜ս, հազա՛ր ափսոս, սակայն, այս նորօրեայ, ազնիւ, զուլալ, միւռոնաբոյր հերոսապատումն ալ իր զրկանքներու եւ տառապանքներու առումով մենք ազգովին չվերցուցինք: Ազգին մեծամասնութիւնը տառապեցաւ, եղաւ առանձնաշնորհեալներու, տականքներու խաւ մը, որ պալատներ կառուցեց` ի Հայաստա՜ն եւ ի սփի՜ւռս աշխարհի:

Մեր լաւագոյն տղոց շատերուն բանտն ու տառապանքը բաժին ինկան, համազգային զարթօնքն ու անզուգական եռանդը հազար անգամ ծախուեցան ագահութեան, անխելքութեան: Վերջապէս, ի՞նչ է այդքան միլիառներ դիզելու իմաստը, բացատրեցէ՛ք, լուսաւորեցէ՛ք մեզ: Մարդ քանի՞ միլիառ կրնայ  ծախսել այս կեանքի ընթացքին, լա՜ւ, քանի սերունդ անհրաժեշտ է ապահովել միլիառներով…

Սա խելամտութի՞ւն է, թէ՞ անխելքութիւն:

Երբ սէրն ու բարոյականութիւնը քաղաքականութիւն, գործելաոճ եւ ապրելաձեւ դառնան, կար ու չկարը կը դառնայ առօրեայ, կը ծնին շա՜տ Սասունցի Դաւիթներ, Արտաւազդը բազմի՛ցս կը փշռէ իր շղթաները եւ կ՛եղիցի ԼՈ՛ՅՍ:

11 սեպտեմբեր 2018
Արագած, Պէյրութ


Հրաշալի Հրատարակութիւն Մը. Հայոց Պետականութեան Վերածնունդի 100 Էջերը

0
0
Կազմողներ` Պատմաբան Սեդա Գալստեան
Լուսանկարիչ` Գաբրիէլ Փանոսեան

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ամէն անգամ, երբ կը մտածեմ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման մասին, չորս  հիմնական անուններ կը յստականան  մտքիս  մէջ: Արամ Մանուկեան` որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր, Ալեքսանդր Խատիսեան եւ Սիմոն Վրացեան` որպէս Հայաստանի անկախ հանրապետութեան  վարչապետներ, որոնք  գրի առած են հանրապետութեան պատմութիւնը, եւ  փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան` որպէս պատմաբան, որ իր հինգ հատոր ծաւալուն ուսումնասիրութիւններով լոյսին բերաւ 1918-1920 թուականներու Հայաստանի Հանրապետութեան երկու տարիներու կեանքը իր բոլոր մանրանասնութիւններով:

զարգացումը» հատորները  կը մնան անսահման շտեմարան այլազան գիտելիքներու եւ քաղաքական վերլուծումներու: Անոնք  կը նկատուին սկզբնաղբիւրներ`  Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մասին: Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի աշխատանքը ունի պատմագիտական մեծ արժէք, մանաւանդ` օտար ուսումնասիրողներու համար, նկատի առնելով, որ անգլերէն լեզուով գրուած է:

Բնականաբար այս նշումները չեն միտիր նսեմացնել այլ հրատարակութիւններ եւ յուշագրութիւններ, որոնք գրուած են Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտած գործիչներու կողմէ: Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի մասին ցարդ կային (եւ կան) Հրաչ Տասնապետեանի «Արամը» հատորը, Արամ Մանուկեանի շիրիմը Երեւանի քաղաքային գերեզմանատան մէջ, լքուած բնակարանը Երեւանի սրտին վրայ եւ կիսանդրին Երեւանի ներքին գործոց նախարարութեան մուտքին` զետեղուած Հայաստանի վերանկախացումէն ետք:

Եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը եւ, բնականաբար,  հայութիւնը ուզեց վերակենդանացնել հանրապետութեան ստեղծման պանծալի տարեդարձը` արժանի յարգանք մատուցելով հայոց պետականութեան վերածնունդի կերտիչներուն:

Անկախ տարբեր շրջաններու մէջ կազմակերպուած այլազան բնոյթի ձեռնարկներէն եւ յիշատակութեան արժանի քանի մը եզակի ծրագիրներէն` յատկապէս կարելի է յիշատակել «Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը» պատկերազարդ հատորին հրատարակութիւնը, «Արամ Մանուկեանի նամականին» մեծածաւալ հատորի հրատարակութիւնը (հրատարակութեան պատրաստուած պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի կողմէ) եւ Երեւանի հրապարակին վրայ  կանգնած Արամ Մանուկեանի յուշարձանը` Հայաստանի պետութեան նախաձեռնութեամբ:

Այս նշմարը կը միտի ներկայացնել «Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը» հատորը (Երեւանի մէջ լոյս տեսած), զոր հրատարակութեան պատրաստած են պատմաբան Սեդա Գալստեանը եւ լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանը:

Հատորի առաջին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ մայիսին,  Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ պետական  համալսարանի տնօրէնութեան:

Աւելի քան ութ ամիսներու ժրաջան աշխատանքի արդիւնք է այս հատորը: Այս հատորի աշխատանքներուն մեծապէս իրենց օժանդակութիւնը բերած են` Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան թանգարան-հիմնադրամը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկը, Հայաստանի Ազգային արխիւը, Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան Ազգային թանգարանը, զօրավար Դրոյի (Դրաստամատ Կանայեան) թոռնուհին Իրինա Կանայեանը եւ Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետներէն Համօ Օհանջանեանի թոռնուհին` Լիզա Մեհրապեանը:

Հրաշալի հրատարակութիւն մը, որ 100 էջերու մէջ կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումն ու երկուքուկէս տարիներու գործունէութեան ամփոփ պատկերը:

Իրականութեան մէջ այս հատորը ալպոմ մըն է, հարուստ` լուսանկարներով եւ արխիւային նիւթերով, որոնք լոյսին կը բերեն հայոց պատմութեան վերջին ժամանակաշրջանի ամէնէն յիշարժան իրագործումը, որ հայկական պետականութեան վերածնունդն է Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն  543 տարի  յետոյ` 28 մայիս 1918-ին:

Ընտիր տպագրութեամբ, գեղարուեստական գեղեցիկ ներկայացումով, պատմական մեծ արժէք ներկայացնող արխիւային նիւթերով եւ լուսանկարներով հարուստ այս հատորը հրաշալի հրատարակութիւն մըն է , որ յաջորդական պատկերներով լոյսին կը բերէ 1918 մայիս 28-ով վերածնած հայոց  անկախ պետականութեան շուրջ  2,5 տարիներու կեանքը` 18 բաժիններով, 100 էջերու վրայ: Ալպոմին մէջ տեղ գտած են հանրապետութեան կեանքին  գրեթէ բոլոր բնագաւառները` Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդանիշները, Արամ Մանուկեան, ազգային բանակի ստեղծումը, մայիսեան հերոսամարտեր (Սարդարապատ, Ղարաքիլիսա, Բաշ Ապարան), Լոռի, Ախալքալաք, Զանգեզուր, Նախիջեւան, Ղարաբաղ, կառավարութիւն, խորհրդարան, դատական համակարգ, Արեւմտահայերու Բ. համագումար, դիւանագիտութիւն, տնտեսութիւն, գաղթականներ, արուեստ, մշակոյթ, կրթութիւն, քաղաքական ինքնավարութիւն եւ Հայաստանի խորհրդայնացում: Յատկանշական է, որ հատորը կ՛աւարտի  ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումներով, եւ լուսանկարները կ՛աւարտին «Նեմեսիս»-ի հերոսներու նկարներով:

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկած են` Հայաստանի ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, Ֆրեզնոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէն: Իրենց սրտի խօսքը ըսած են նաեւ հեղինակները:

Հատորի անդրանիկ հրատարակութեան եւ պատրաստութեան համար իր զօրակցութիւնը եւ օժանդակութիւնը բերած է Ֆրեզնոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէն` հոգալով բոլոր ծախսերը:

Հատորին արեւմտահայերէն հրատարակութիւնն ու արեւելահայերէն Բ. հրատարակութիւնը հովանաւորած են տէր եւ տիկ. Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեանները, Սան Ֆրանսիսքոյէն:

Ահաւասիկ մեր տրամադրութեան տակ կը գտնուի այս նոր յուշարձան-ալպոմը, որ կոչուած է կենդանի պահել հայոց անկախութեան ձգտումը սերունդէ սերունդ: Ալպոմը նաեւ արժանի յարգանք է պետականութիւն ստեղծած այն սերունդին` որոնց շնորհիւ է, որ մենք այսօր ունինք անկախ Հայաստան:

Պէտք է նաեւ յիշել, որ ալպոմի ամէնէն յիշատակելի լուսանկարները մեծ ծաւալով ցուցադրութեան դրուած են հատորի շնորհանդէսներու ընթացքին` կենդանի տպաւորութիւն ձգելով դիտողներուն մօտ:

Բարձր գնահատանքի արժանի հրատարակութիւն մը, որ պէտք է ներկայ ըլլայ բոլորիս տուներուն մէջ: Ճիշդ կ’ըսեն հատորին հրատարակիչները, որ «Հատորին նպատակն է ողջ հայութեան համար անցեալէն դասեր քաղել,պետական մտածողութիւն սերմանել եւ հայրենասիրական ոգիով տոգորել»:

Այս հրատարակութեան մէջ կան շատ բաներ, որոնք այսօր տակաւին այժմէական են մեր պետութեան զարգացման համար:

 

 

 

3 սեպտեմբեր 2018

Մուսա լեռ- Այնճար

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Եւրասիական Դաշինք` Ընդդէմ Արեւմուտքի՞

0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

16 յուլիս 2018-ին Հելսինքիի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփն ու Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը գումարեցին ժողով մը, որուն հիման վրայ Ամերիկայի նախկին արտաքին գործոց նախագահ Հենրի Քիսինճըրը յօդուած մը գրեց («Ֆայնենշըլ Թայմզ», 20 յուլիս 2018): Այդ վեհաժողովներու ղեկավարները քննարկեցին միջազգային տագնապալի խնդիրներ, որոնց շարքին` Ուքրանիոյ, Սուրիոյ եւ առեւտրական հարցեր: Քիսինճըր կարեւոր նկատելով այս վեհաժողովը` կոչ ուղղեց Թրամփին, որ Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւէ, ապա թէ ոչ Ռուսիան պիտի ուղղուի դէպի արեւելք եւ Չինաստանի հետ գործակցելով` պիտի հարուածէ Միացեալ Նահանգներու շահերը: Հետեւաբար, ըստ Քիսինճըրի, միայն ամերիկեան-ռուսական դաշինք մը կրնայ կասեցնել Չինաստանի յառաջխաղացքը: Այս կարծիքը շատ ալ դրական արձագանգ չունեցաւ ամերիկեան մամուլին մէջ, եւ Միացեալ Նահանգներ յաւելեալ պատժամիջոցներ որդեգրեցին Ռուսիոյ դէմ («Ինտիփենտընթ, 22 օգոստոս 2018):

Երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2018-ին Չինաստանի նախագահ Չի Ժինփինկ այցելեց Ռուսիա, ուր երկու երկիրները համաձայնեցան 100 միլիառ տոլարնոց ներդրում կատարել 73 ծրագիրներու շուրջ: Հակառակ Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան տնտեսական պատժամիջոցներուն եւ Չինաստանի դէմ առեւտրային պատերազմին` այս երկու հսկայ երկիրները իրենց տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմավարական ուժերը միացնելով` կրցան դէմ դնել ամերիկեան ճնշումներուն: 2012-ին ստեղծուեցաւ Ռուսիա-Չինաստան ներդրումային հիմնադրամ մը, որուն նպատակն է հսկել ներդրումներու հոսքին, սակայն երկու կողմերը դժգոհ էին, որ ներդրումները դանդաղ էին եւ յաւելեալ ճիգ կը պահանջէին («Սի.Էն. Պի. Սի.», 11 սեպտեմբեր 2018):

Սակայն ռուս-չինական ռազմական պատասխանը չուշացաւ, եւ մօտ 3000 չին զինուորներ իրենց ռուս գործընկերներուն հետ կազմակերպեցին հսկայ ռազմափորձ մը,որ, ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին, ամէնէն մեծն է Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք: Ըստ ռուսական աղբիւրներու, այս ռազմափորձին պիտի մասնակցին մօտ 350.000 զինուորներ, 1000 օդանաւ, 36.000 հրասայլ եւ բազմաթիւ նաւեր:

Այս ռազմափորձը հետաքրքրական է այն առումով, որ երկու երկիրները, որոնց միջեւ կայ քաղաքական որոշ պաղութիւն մը եւ գոնէ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ երկու երկիրները կը մրցակցին քաղաքական գետնի վրայ իրարմէ աւելի գերակշիռ դիրք ունենալու շրջանին մէջ, ներկայիս անոնք միասնաբար կը ձգտին գերակշռելու ամերիկեան քաղաքականութիւնը արեւելքի մէջ: Ըստ Մոսկուայի  «Քառնեկի» հետազօտական կեդրոնի տնօրէն Ալեքսանտր Կուպէի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի պատասխանը Միացեալ Նահանգներուն յստակ է. այնքան ատեն որ Ամերիկա իրենց վրայ ճնշում կը բանեցնէ, իրենք իրարու ալ աւելի պիտի մօտենան եւ ինչո՞ւ չէ, ռազմավարական դաշինք մը պիտի կնքեն` հարուածելու ամերիկեան շահերը արեւելքի մէջ:

Շատ յստակ է, որ հակառակ անոր որ ռուսական մամուլը մեծ շուքով ներկայացուց երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական համագործակցութիւնը, չինական պատասխանը շատ աղմուկ չհանեց: Ասիկա ապացոյց է, որ երկու երկիրները տակաւին շատ հեռու են ռազմական դաշինք մը կազմելէ Միացեալ Նահանգներու դէմ:

Պատմութիւնը կ՛ապացուցէ, որ միջազգային ուժերը իրարու հետ կը դաշնակցին ոչ թէ որովհետեւ անոնք ունին ընդհանուր միացեալ համոզում մը, այլ որովհետեւ անոնք պարզապէս ունին միացեալ թշնամի մը: Այս էր պարագան Արեւմուտքի եւ խորհրդային իշխանութիւններուն համագործակցութեան նացիներուն դէմ եւ այս է ներկայիս ռուս-չինական համագործակցութիւնը` Միացեալ Նահանգներուն դէմ:

Միջազգային ներկայ խառնակ իրավիճակը ա՛լ աւելի կը ծանրաբեռնէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը: Հայաստան Եւրասիոյ կեդրոնը ըլլալով` երկու հոսանքներուն միջեւ կրնայ հարուածներու ենթարկուիլ, հետեւաբար պէտք է հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն մը վարէ, սակայն միշտ ալ հաշուի առնէ իր աշխարհաքաղաքական դիրքը, սահմանակից երկիրները եւ իր ռազմավարական դաշնակիցները:

Yeghia.tash@gmail.com

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Հայ Մշակոյթին Նուիրուած Ցուցահանդէսին` Նիւ Եորքի Մէջ

0
0

Նիւ Եորքի միջազգային հռչակ ունեցող «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ 22 սեպտեմբեր 2018-ին բացումը տեղի պիտի ունենայ հայ մշակոյթին նուիրուած մեծ ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին մշակութային իւրայատուկ արժէք ունեցող իրեր` Հայաստանի Պետական թանգարանէն, Մատենադարանէն, Ս. Էջմիածինէն, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութենէն, Ս. Ղազարու վանքէն (Վենետիկ), «Գալուստ Կիւլպէնկեան» թանգարանէն (Լիզպոն), Ամերիկեան հայկական թանգարանէն (Պոսթըն), Ալեքս եւ Մարի Մանուկեան թանգարանէն (Միշիկըն), ինչպէս նաեւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանէն: «Կիլիկիա» թանգարանէն պիտի ցուցադրուին հետեւեալ իրերը.

– Նիկողայոս հայրապետին աջը
– Զոյգ բուրվառներ
– Եմիփորոն
– 3 հատ խաչքար
– Խորանի վարագոյր
– 3 ձեռագիր Աւետարան
– Յայսմաւուրք
– Բարձրբերդի Աւետարանը
– Մայր Մաշտոցը

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 13 յունուար 2019: Արամ Ա. կաթողիկոս հրաւիրուած է անձնապէս մասնակցելու եւ իր խօսքը ուղղելու անոր բացման հանդիսութեան:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Գանձատունը Կը Հարստանայ Եկեղեցական Նոր Սպասներով

0
0

Անցնող շաբաթներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին շուրջ համախմբուած կամաւորներ, մէկ շաբթուան վրայ երկարող աշխատանքէ մը ետք, իրականացուցին բիւրեղեայ քարերով զարդարուած ս. խորանի ձեռագործ վարագոյրներ, ինչպէս նաեւ` ս. սեղանի եւ այլ ծածկոցներ:

Այս աշխատանքներուն միացան նաեւ, երիտասարդական պատարագէն եւ ուրբաթօրեայ գիշերային «Նարեկեան աղօթասացութենէն» ետք, Ս. Գրոց ճամբարի տղաքը եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին աղօթասացութեամբ եւ շարականներու երգեցողութեամբ:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Վաւերացուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդի Ընտրութիւնը

0
0

Շաբաթ, 8 սեպտեմբեր 2018-ին, Ազգային երեսփոխանական ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի նոր առաջնորդի ընտրութիւն, որուն ընթացքին առաջնորդ ընտրուեցաւ Անուշաւան եպս. Դանիէլեանը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Ազգային երեսփոխանական ժողովին ուղղած իր հայրապետական գիրով վաւերացուց առաջնորդի ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր առաջնորդ սրբազան հօր` իրեն վստահուած առաքելութեան մէջ: Միաժամանակ վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց նախորդ առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեանին` անցնող տարիներուն իր նուիրեալ ծառայութեան համար:

Յայտնենք, որ Օշական սրբազանը օրին հանգստեան կոչուելու իր փափաքը յայտնած էր կաթողիկոսին եւ Ազգային իշխանութեան:

Հայաստանէն Մշակոյթի Եւ Արուեստի Մասնագէտներ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

0
0

10-12 սեպտեմբեր 2018-ին Արամ Ա. կաթողիկոս Հայաստանէն ժամանած արուեստի ու մշակոյթի հետեւեալ մասնագէտները ընդունեց.

ա) Շուրջ երեք օր մայրավանքի հիւրերը դարձան` դոկտ. Աշոտ Գրիգորեանը, փրոֆ. Արամ Իսաբեկեանը եւ փրոֆ. Կետիկ Բաղդասարեանը: Անոնք եկած էին վեհափառ հայրապետին հրաւէրին ընդառաջելով, որպէսզի ուսումնասիրեն Ս. Աստուածածին վանքին մէջ հայոց պատմութեան կարեւոր շրջանները ու խորհրդանշանները ներկայացնող դէպքերու ու դէմքերու քանդակներուն տարածքը, որ պիտի երկարի դէպի հայ ժողովուրդի վերածնունդը առաջնորդող յուշարձան:

բ) Այցելուներու երկրորդ խումբը կը բաղկանար երկու անձերէ` Սեդա Գալստեանը եւ Գաբրիէլ Փանոսեանը, որոնք պատրաստած էին «Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը» յատուկ «ալպոմ»-ը` բաղկացած արխիւային նիւթերէ ու նկարներէ:

Վերոյիշեալ այցելուներու ընդունելութեան ընթացքին նորին սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց, Հայաստանի մէջ, թէ սփիւռքի, մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն յատուկ կարեւորութիւն տալու հրամայականը` զանոնք նկատելով կենսական մեր ժողովուրդի ինքնութեան ու առաւել հզօրացման իմաստով: Միաժամանակ  հայրապետը յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ պաշտպանն ու զօրակիցը հայ մշակոյթի ու արուեստի տարածման եւ նեցուկ` այդ առաքելութեան լծուած բոլոր մշակներուն:

Ռուզաննա Առաքելեան. «Հայաստանը Հզօր Է Սփիւռքով. Սփիւռքը Իմաստաւորւում Է Հայաստանով»

0
0

Սեպտեմբեր 12-ի Ազգային ժողովի նիստին կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուզաննա Առաքէլեանը ըսած է. «Տարբեր առիթներով համապատասխան ատեանները շատ են խօսում Հայաստան-սփիւռք կապի կարեւորութեան մասին: Ես ուզում եմ արձանագրել, որ Գ. հանրապետութեան բոլոր ժամանակներում բոլոր ղեկավարները նոյնպէս կարեւորել են Հայաստան-սփիւռք կապը` այն գիտակցամբ, որ սփիւռքը իմաստաւորւում է Հայաստանով, Հայաստանը հզօր է սփիւռքով»:

Հարցումը ուղղելով սփիւռքի նախարարին` պատգամաւորը աւելցուցած է. «Պարո՛ն նախարար, դուք ձեր ասուլիսներից մէկի ժամանակ ասացիք, որ ձեր հեռահար նպատակներում կայ տարբեր համայնքներում ներկայացուցիչներ ունենալու հարցը: Խնդրեմ, ասացէք` ի՞նչ գործառոյթներ են իրականացնելու տուեալ մարդիկ, եւ եթէ մենք ունենք դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ, ինչպէ՞ս են զուգակցուելու այս երկու օղակների աշխատանքները:

Պատասխանելով հարցումին` սփիւռքի նախարար Միխթար Հայրապետեանը նշած է. «Դուք ձեր խօսքի սկզբում նշեցիք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները մշտապէս կարեւորել են սփիւռքը, սփիւռքի հետ կապերը: Թոյլ տուէք չկիսել այդ լաւատեսութիւնը, որովհետեւ փորձը ցոյց է տալիս, որ նախկին իշխանութիւնների օրօք սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները բացառապէս սահմանափակուել են սփիւռքից նիւթական աջակցութիւն ստանալու ակնկալիքներով: Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան նոր կառավարութիւնը եւ մեր գերատեսչութիւնը բոլորովին այլ որակի մօտեցում ունեն այս հարցում: Մասնաւորապէս մենք գտնում ենք, որ երկկողմանի փոխշահաւէտութեան սկզբունքի վրայ պէտք է դրուեն մեր յարաբերութիւնները: Եւ եթէ նախկինում, հիմնականում միակողմանի եւ հայաստանակեդրոն մօտեցում է եղել, ապա այժմ դա լինելու է երկկողմանի: Եւ եթէ նակինում միայն սփիւռքն է ընկալուել որպէս Հայաստանի թիկունք, ապա այսօր մենք ստեղծելու ենք մի պետութիւն, որն ինքն է լինելու նաեւ սփիւռքի թիկունքին կանգնած»:

Անդրադառնալով հարցումին` ան աւելցուցած է. «Սփիւռքի նախարարութիւնը այս պահին քննարկումների մէջ է համապատասխան գերատեսչութեան` արտաքին գործերի նախարարութեան հետ, որովհետեւ մենք գտնում ենք, որ դիւանագիտական մարմինը, որ մենք միւս երկրներում ունենք, տուեալ երկրներում ներկայացնում է Հայաստանի Հանրապետութեան շահերը եւ որպէս դիւանագիտական կառոյց` ունի բոլորովին այլ գործառոյթ: Այդ գործառոյթներից չի բխում ներհամայնքային կեանքին խառնուելը, տարատեսական այլ գործառոյթներ ստանձնելը, ինչը բնական է: Հետեւաբար, կարծում ենք, որ սփիւռքի նախարարութեան դերը այս հարցում հարկաւոր է աշխուժացնել: Մասնաւորապէս պայմանական կոչուած մեր կցորդները զբաղուելու են համայնքային խնդիրներով: Մեր պատկերացմամբ, այդ մարդիկ արթնանալու են համայնքների հետ, գնալու են դպրոց, խօսելու են տնօրէնների հետ, լսելու են աշակերտներին, հասկանալու են` ի՛նչ խնդիրներ կան, ի՛նչ ներհամայնքային խնդիրներ կան: Հետեւաբար նաեւ նրանց պատկերացումների հիման վրայ սփիւռքի նախարարութիւնը իր հայեցակարգերն է մշակելու: Կարեւորը այն է, որ սփիւռքի նախարարութիւնը ամէնժամեայ դրութեամբ լինելու է հասանելի սփիւռքի համար եւ ոչ միայն այն դէպքերում, երբ իրեն է հարկաւոր եւ անհրաժեշտ: Եւ քանի որ դիւանագիտական մեր կառոյցը չունի ներհամայնքային կեանքով ապրելու գործառոյթ, սփիւռքի նախարարութիւնը ունի իւրօրինակ դեր այս հարցում»:

Արձագանգելով նախարարին` պատգամաւոր Ռուզաննա Առաքէլեանը ըսած է. «Յուսադրող էին ձեր խոստումները, եւ շատ ուրախ եմ դրա համար: Ամէն դէպքում, մենք ունեցել ենք գերատեսչութիւն` սփիւռքի նախարարութիւն, որը, կարծում եմ, ինչ-որ գործառոյթ իրականացրել է: Բայցեւայնպէս անդրադառնամ իմ հարցին, կայ մտավախութիւն` ո՞վ է լինելու այդ ներկայացուցիչը, կարողանալու՞ է արդեօք այդ համախոհութիւնը սփիւռքում ստեղծել` նկատի ունենալով, որ կան աւանդական կուսակցութիւններ, կան մշակութային կազմակերպութիւններ,որոնց հետ պէտք է աշխատանք տարուի: Սփիւռքը եւս իր ներքին կեանքում նոյնպէս խնդիրներ ունի: Ո՞վ է նշանակելու, ո՞վ է լինելու այդ անձը, Հայաստանի՞ց է նշանակուելու, թէ՞ սփիւռքից, որ կարողանայ այդ ռիսքերը նուազեցնել»:

Նախարարը ընդգծած է, որ այժմ կը խօսուի ընդամէնը պատկերացումներու եւ ընկալումներու մասին: Որեւէ գործնական քայլ դեռ չէ առնուած, քննարկման փուլի մէջ են յատկապէս արտաքին գործոց նախարարութեան հետ: Հայաստանէն սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներուն գործուղումը պիտի դիւրացնէ սփիւռքին հետ կապը:

«Բոլորի` կուսակցութիւնների, մշակութային կազմակերպութիւնների հետ մենք աշխատելու ենք իւրովի: Բոլոր կառոյցները, ում օրակարգում Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապի ուժեղացումն է, ում օրակարգում Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսութեան կայուն զարգացումն է, ում օրակարգում սփիւռքում հայապահպանութեան կամ հայակերտման օրակարգի հարցն է դրուած, ապա մենք ունենք աշխատանք: Հետեւաբար լինելու են տարբեր օրակարգեր` տարբեր կառոյցների հետ», եզրափակած է նախարարը:


Անդրէաս Արծրունի (1847-1898) Հայ Մեծ Գիտնականը. Երկրաբան, Հանքագէտ Եւ Մետաղագէտ

0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

10 սեպտեմբերին, 120 տարի առաջ, 51 տարեկանին Գերմանիոյ Հոհենհոնոֆ քաղաքին մէջ մահացաւ հայոց հինաւուրց Արծրունի տոհմին վերջին շառաւիղներէն Անդրէաս Երեմիայի Արծրունին:

Համաշխարհային հռչակով մեծ գիտնական է Ա. Արծրունի` երկրաբան, հանքագէտ եւ մետաղագէտ, որուն անունով կը ճանչցուին հրաբխային կազմաւորումներու վերաբերեալ շարք մը տեսութիւններ, ինչպէս նաեւ` ոսկեայ եւ թանկագին քարերու տեսակներ:

Ծնած է 15 նոյեմբեր 1847-ին: Թէեւ Հայկական Սովետական Հանրագիտարանը իբրեւ ծննդավայր կը յիշատակէ Մոսկուան, բայց ինչպէս որ գերմանական եւ ամերիկեան աղբիւրներն ալ կը հաստատեն, Ա. Արծրունի ծնած է Թիֆլիս եւ եղբայրն է հայ քաղաքական մտքի մեծանուն ներկայացուցիչներէն Գրիգոր Արծրունիի, որուն թիֆլիսեան «Մշակ» թերթը հիմնական ներդրում ունեցաւ հայ ազգային ազատագրական շարժման զարթօնքին մէջ:

Համալսարանական բարձրագոյն ուսումը ստացած է Ս. Փեթերսպուրկի, Դորպատի եւ Հայտելպերկի համալսարաններուն մէջ: 1871-ին աւարտած է Հայտելպերկի համալսարանը` քիմիագէտի բարձրագոյն կոչումով:

Թէեւ մեծարժէք հայ գիտնականը բախտը չունեցաւ երկար ապրելու, բայց անուանի դասախօս եղաւ գերմանական հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ` փնտռուած դասախօսութիւններ կարդալով երկրաբանութեան, հանքագիտութեան եւ յատկապէս մետաղագիտութեան բնագաւառներուն վերաբերեալ:

Նաեւ` գործնապէս ու հողի վրայ գիտական հետազօտութիւններ կատարող գիտնականը եղաւ Ա. Արծրունի, որ համապատասխան արշաւախումբեր կազմակերպեց ոչ միայն Ուրալի շրջաններուն մէջ, այլեւ` Հարաւային Կովկասի տարածքին ու յատկապէս ի Հայաստան: Ա. Արծրունի գիտական արշաւախումբեր կազմակերպեց նաեւ դէպի Ափրիկէ` հասնելով մինչեւ Հարաւային Ափրիկէի հանքերը: Հանքային մետաղ մը իր անունը (Արծրունիտ) կը կրէ, եւ իր գիտական յայտնագործումներէն շատեր նոր ուղղութիւն բացին երկրաբանութեան, քիմիագիտութեան եւ, մանաւանդ, մետաղագիտութեան մարզերէն ներս: Իր գիտական յայտնութիւններուն առ ի գնահատանք` ան պատուոյ եւ թղթակից անդամի կոչումներու արժանացաւ գերմանական եւ եւրոպական շարք մը գիտութիւններու ակադեմիաներու կողմէ, իսկ 1895-ին ստացաւ Ս. Փեթերսպուրկի գիտութիւններու ակադեմիայի թղթակից անդամի աստիճան:

Առաւելաբար Գերմանիոյ մէջ ապրելով եւ իր գիտահետազօտական աշխատանքները կատարելով` Անդրէաս Արծրունիի գիտնականի համբաւը յատկապէս Գերմանիոյ մէջ եւ գերմանացիներու ճամբով աշխարհով մէկ տարածուեցաւ, այն աստիճան, որ միջազգային գիտական հանդէսներու կողմէ ան երբեմն կը յիշատակուի իբրեւ գերմանացի գիտնական:

Բայց հայ իրականութենէն կտրուած մարդ չեղաւ Ա. Արծրունի` ողջ կեանքը գիտական հետազօտութեանց նուիրելով հանդերձ: Եղբօր` Գրիգոր Արծրունիի հետ ազգային քաղաքական հայեացքներով սերտ կապի մէջ մնաց եւ անոր մահէն ետք, 1895-էն մինչեւ 1898-ի իր վաղաժամ մահը, անուանապէս արտօնատէրն ու հրատարակիչը դարձաւ «Մշակ»-ի: Նաեւ` երկու տարբեր առիթներով, առաջինը 1873-1875-ին եւ երկրորդը` 1892-ին, Ա. Արծրունի երկու մեծ արշաւախումբեր կազմակերպեց դէպի Հայաստան, հայրենի երկրաբանական կառուցուածքը եւ հանքային նիւթերը տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելու համար:

1894-ին ան բարձրացաւ փոքր Մասիսի գագաթը եւ առաջինը եղաւ, որ իջաւ մարած հրաբուխի խառնարանը` իր հետազօտութիւնները ամբողջական դարձնելու նպատակով: Ան հերքեց մինչ այդ տարածուած գիտական այն տեսակէտը, թէ Հայաստանի հրաբուխները ուղղաձիգ տեղադիրք ունին: Նաեւ` Վանայ լիճին մակարդակի տատանումները բացատրեց երկրաբանական գործօններով, եւ իր տեսական այդ մօտեցումը կէս դար յետոյ գիտականօրէն հաստատուեցաւ:

Վերջապէս Անդրէաս Արծրունի ի՛նք եղաւ, որ 1890-ականներուն նախատեսեց Դիլիջանի ապագան` իբրեւ առողջարանային կարեւոր կեդրոնի:

Գերմանական «Մետաղագիտական Հանդէս»-ը, իր 12-րդ հատորով, յատուկ մահագրութեամբ մը, Անդրէաս Արծրունին կ’արժանացնէ մեծարժէք գիտնականի կոչումին: Կ’ընդգծէ, որ հայ գիտնականը հեղինակ էր աւելի քան յիսուն արժէքաւոր աշխատասիրութիւններու, որոնք գերմաներէնով, ռուսերէնով եւ իտալերէնով հրատարակուած են գիտական հեղինակաւոր հանդէսներու մէջ, ներառեալ` «Մետաղագիտական Հանդէս»-ը: Կը շեշտէ, որ երկու հանքային մետաղներ` groddeckite եւ utahite առաջին անգամ գիտականօրէն յայտնաբերուած ու նկարագրուած են Ա. Արծրունիի կողմէ: Կ’ընդգծէ նաեւ, որ երրորդ մետաղի մը (Chilian) գիտական յայտնագործումը, որուն վրայ Ա. Արծրունի կ’աշխատէր 1895-1896-ի ձմեռը, Բրիտանական Կինէայի մէջ, չկրցաւ իր աւարտին հասցնել, որովհետեւ տասնամեակներու իր տքնաջան աշխատանքը հրաբխային գօտիներու եւ հանքերու մէջ` ծանրօրէն քայքայած էր անոր առողջական վիճակը, իսկ 1896-ի ձմրան ցուրտը ուղղակի անկողին գամեց զինք: Ստիպուեցաւ ապաքինման համար երկար ժամանակով մնալ Զուիցերիոյ Ռայնի առողջարանները եւ մահացաւ 10 սեպտեմբեր 1898-ին ու փոխադրուեցաւ Թիֆլիս` թաղուելու համար իր ընտանեկան դամբարանին մէջ:

Մեծանուն հայ գիտնականը իր ետին թողուց նաեւ երկու հիմնական աշխատասիրութիւններ, որոնք բազմաթիւ հրատարակութեանց արժանացած են եւ իրենց բնագաւառին մէջ կը նկատուին դասական արժէքով գործեր: Առաջինը 1883-ին լոյս տեսած «Բիւրեղներու քիմիական բաղադրութեան եւ անոնց քիմիական ու ֆիզիքական յատկութիւններու կապը» անունով աշխատասիրութիւնն է, երկրորդը «Բիւրեղներու ֆիզիքական քիմիան» կը կոչուի եւ լոյս տեսած է 1893-ին:

Իսկ Գերմանիոյ Ախենի համալսարանին Բազմարհեստից կաճառի (փոլիթեքնիք) շէնքի մուտքին, ուր երկար տարիներ դասախօսեց եւ հետազօտական աշխատանք կատարեց հայ գիտնականը, առ ի գնահատանք անոր մեծ ներդրումին` կանգնեցուած է Անդրէաս Արծրունիի կիսանդրին:

Մարդ, որ իր գիտութեամբ եւ գործով իւրովի փայլք աւելցուց հայ անունին վրայ:

Նաեւ ու մանաւա՛նդ ՀԱՅ մարդ, որ գաղափարական խոր պաշտամունքով փարեցաւ իր եղբօր` Գրիգոր Արծրունիի հրատարակած «Մշակ» թերթին` անոր մէջ տեսնելով հայութեան ազգային զարթօնքին եւ գաղափարական վերանորոգումին կարեւորագոյն կռուաններէն մէկը:

Այդ առումով, «Մշակ»-ին եւ անոր օրինակով գաղափարական կոչումի տէր մամուլին վերաբերեալ Ա. Արծրունիի մտորումները ուղեցոյց կրնան հանդիսանալ մերօրեայ հայ մամուլին համար.

«Ընթերցողները կը հասկանան, որ «Մշակ»-ը ուժ է, որ` նա չի շողոքորթում հասարակութեանը, որ` նա իր կարծիքից եւ ուղղութիւնից չէ շեղւում, եւ ոչ թէ իր օգուտն ունի աչքի առաջ, այլ` հասարակաց օգուտը, եւ որ` որքան եւ դառն լինեն ճշմարտութիւնները, «Մշակ»-ը դրանց ուղիղ երեսին է ասում` արդար եւ ազնիւ վարուելով, բարձր պահելով իր դրօշակը, որ արդարութեան, ճշմարտութեան եւ անկեղծութեան դրօշակն է»:

 

Քանդակագործ Զաւէն Հրաժեշտ Տուաւ Մեզի, Բայց Ստեղծագործող Զաւէնը Կը Մտնէ Անմահներու Աշխարհը

0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ստեղծագործական Ակնթարթը,
Երբ Մեր Ճակտի Գիրը Եւ Երազը Կը Դառնան Քանդակ

Պէյրութէն ընկեր մը քիչ առաջ հեռախօսով հաղորդեց գոյժը. 1932-ին Պէյրութ ծնած Զաւէն այս աշխարհին հետ իր հաշիւը մաքրած էր եւ յաձնուած` մեծ խորհուրդին:

Խառնուածքով եւ ապրումներով զտարիւն արուեստագէտ մըն էր Զաւէն: Ուսանելէ ետք Լիբանանի Գեղարուեստից ակադեմիայի մէջ (ALBA), շարունակած էր իր ուսումը Փարիզի գեղարուեստից ազգային բարձրագոյն վարժարանին մէջ (Ecole nationale supérieure des beaux Arts: Դասաւանդած է Լիբանանի Գեղարուեստից ակադեմիային եւ Լիբանանեան համալսարանին մէջ: Ունեցած է բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ եւ մասնակցած` հաւաքական ցուցահանդէսներու: Ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ: Հայկական եւ լիբանանեան միջավայրէն դուրս ալ ճանաչում գտած էր: «L՛art et le Monde Moderne» Larousse հրատարակչութիւնը արդէն 1974-ին խօսած էր իր մասին:

Զաւէն կը սիրէր խօսիլ իր ուսանողական տարիներուն եւ ընկերներուն մասին, կը պատմէր վէպի պէս: Իր արմատներու քաղաք Թոմարզա այցելած էր եւ իր տպաւորութիւնները գրեց: Եղած է լիբանանեան քանդակագործութեան առաջին ուսուցիչը: Լոյս տեսաւ նաեւ իր բազմամեայ գործին մասին հատոր մը:

Զաւէն կը սիրէր խօսիլ իր ներշնչումներուն մասին: Կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս, ամրան, Լիբանանի օդափոխութեան գիւղին մէջ, Լեւոն Շանթի տան դիմաց, հեռուէն դասական երաժշտութիւն ունկնդրած է: Կը պատմէր զինք ներշնչած գրեթէ առասպելական կացութիւններու մասին:

Զաւէն ոչ միայն մեծ քանդակագործ էր, այլ` հմուտ արուեստագէտ, քաջատեղեակ` արուեստի պատմութեան եւ մեծ դէմքերու կեանքին:

Լաւ ընկեր էր Զաւէն, չարութիւն չունէր:

Իր արուեստին եւ ստեղծագործութիւններուն մասին իր ընկերները եւ արուեստաբանները պիտի խօսին: Բայց մեր զրոյցներու ընթացքին կը զգայի, որ արուեստը ստեղծագործական հրաշք մըն է, ժամանակը յաղթելու եւ այդպէս ալ նուաճելու անմահութիւնը: Արդարեւ, Զաւէնի քանդակները կը խօսին, մարմարը կամ մետաղը կը դադրին բնութեան տարր ըլլալէ, մարդով կը բնակուին, այսինքն կը դառնան գաղափար, կը թելադրեն, կ՛անջատուին նիւթէն: Իր քանդակները կը յիշեցնեն բանաստեղծութիւնը, որուն բառերը կը գործածուին հասարակ մահկանացուներուն կողմէ, բայց բանաստեղծի խօսքին մէջ անոնք կը զգենուն երանգ, գոյն, կ՛ըլլան երազ եւ խորհուրդ: Այսինքն, ինչպէս` բոլոր իրաւ ստեղծագործողները, Զաւէն կեանք կու տայ նիւթին: Այդպէս եղած են իրաւ մեծերը:

Զաւէն կը հպատակէր իր ներշնչումներուն, բայց ինք միաժամանակ խստապահանջ էր իր գործին եւ իր անձին նկատմամբ: Այդ պաճառով ալ իր քանդակները բիւրեղացած թռիչքներ են: Սոսկ գեղօրներ չեն:

Ունէր մեծ ծրագիրներ: Լիբանանի ծովափին կանգնել մեծ եւ զանգուածեղ գործ մը, որ դարերուն պիտի խօսէր:

Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ վերականգնումը խորհրդանշող իր ստեղծագործութիւնը, Պիքֆայայի հայոց վանքի բարձունքին, միշտ պիտի յուշէ, որ կար Զաւէնը:

Պէտք է յուսալ, որ համազգային ճիգով մը Զաւէնի գործերուն գէթ մէկ մասը կը հայրենադարձուին` որպէս վկայութիւն եւ գնահատանք մեծ քանդակագործին, որպէսզի հայ ժողովուրդը տէր ըլլայ սփիւռքածին արուեստագէտի հոգեմտաւոր ժառանգութեան:

Այս ալ կ՛ըլլայ տարբեր որակով իսկական քաղաքական գործ:

Բայց մէկ բան յստակ է. Լիբանանի հայ կեանքին եւ ընդհանրապէս արուեստի աշխարհին մէջ Զաւէնի բացակայութիւնը պիտի զգացուի, եւ այդ զգացումը լուռ գնահատանք է:

Բայց պիտի գան նորերը եւ արուեստի հրաշքը պիտի շարունակուի…

Այս արագ վկայութիւնը թող ըլլայ ընկերական սիրոյ եւ սիրտի տուրք մը Զաւէնին…

13 սեպտեմբեր 2018, Երեւան

 

 

 

Ակնարկ. Սահմանահատումներ Եւ Տեղեկատուական Խաղեր

0
0

Թրքական «Հիւրրիեթ» թերթը 15 սեպտեմբերին տեղեկութիւն տարածած էր, թէ Թուրքիոյ նախագահը հեռաձայնած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին եւ խնդրած վերադարձնել հայ-թրքական սահմանը հատած եւ ձերբակալուած  16-ամեայ հովիւը:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած էր թրքական լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկատուութիւնը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին հերքումը վերահաստատած էր նաեւ վարչապետը:

Վերջին շրջանին դէպի հայկական կողմը իրերայաջորդ սահմանի հատման պարագաներ արձանագրուած էին:

Այս տարուան մայիսին, Արտաշատի սահմանապահ ջոկատի սահմանապահները Արաքս գետին մօտ ձերբակալած էին սահմանը հատած  Փաքիստանի քաղաքացի մը:

Յուլիսին, սահմանապահ զօրքերը Հայաստան-Թուրքիա սահմանին վրայ ձերբակալած էին սահմանը խախտած Աֆղանիստանի 5 քաղաքացիներ:

Օգոստոսին, Թուրքիոյ քաղաքացի այլ սահմանահատ մը` Գիւմրիի սահմանապահ ջոկատի տեղամասին մէջ` ճարտարապետական-ճարտարագիտական միջոցները յաղթահարելու փորձի ժամանակ: Անոր մօտ ստուգումներու ընթացքին սահմանը խախտածին մօտ յայտնաբերուած է բջիջային հեռաձայն, որուն մէջ գոյութիւն ունեցած են պետական սահմանի ճարտարապետական կառոյցներու եւ պատնէշներու լուսանկարներ եւ տեսերիզներ:

Թրքական մամուլին մէջ ապատեղեկատուութիւն տարածող լրատուամիջոցի համբաւը, հաւաստիութիւնը այս պարագային երկրորդական են: Նման տեղեկատուութիւն շրջանառութեան մէջ դնելը Թուրքիոյ տարածքին եւ անկէ դուրս ինքնուրոյն լրատուական խաղի սահմաններէն անդին է: Էրտողանի վերագրուող նման լրատուութիւն առնուազն պէտք է համաձայնեցուած ըլլայ  Անգարայի համապատասխան բաժանմունքներուն հետ եւ ուղղակի վերահսկուած` Թուրքիոյ նախագահի տեղեկատուական գրասենեակէն:

Անկախ այն հանգամանքէն, որ սահմանահատումի դէպքերը ինչո՛ւ նման կշռոյթով կրկնուած են, պահ մը անդրադառնանք, որ նման ապատեղեկատուական դիմում ո՛չ փաքիստանցի, ո՛չ աֆղան եւ ո՛չ ալ պետական սահմաններուն մասին տեղեկահաւաք կատարած Թուրքիոյ քաղաքացիին համար շրջանառութեան մէջ դրուած էր: Դիմումի ապատեղեկատուութիւնը կը վերաբերի մոլորած 16-ամեայ հովիւին:

Պարզ է քաղաքական տրամաբանութիւնը: Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի քաղաքացիներուն պարագային անկախ անկէ, որ Թուրքիոյ քաղաքացի չեն եւ հետեւաբար Անգարան, թէկուզ առանց դիմելու, դիմումի տպաւորութիւն ձգելու որեւէ իրաւական հարկադրանքին տակ չէ. բայց այդ չէ խնդիրը. այս պարագային սահման հատողներուն քաղաքացիական պատկանելիութիւնները կը յիշեցնեն Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած,  ֆինանսաւորուող եւ այնտեղէն տարբեր ուղղութիւններով տարանցիկ թափանցումներ կատարող ահաբեկչական տարրերու համատարած երեւոյթին մասին. ուստի նոյնիսկ ապատեղեկատուութիւնը այս մասին չէր բխեր Անգարայի շահերէն:

Նման ենթադրեալ դիմումի մասին լուր տարածելը նպատակայարմար չէր նաեւ պետական սահմաններու մասին տեղեկահաւաքի շտեմարան պահած Թուրքիոյ քաղաքացի միւս սահմանահատին առնչութեամբ եւս: Ի վերջոյ հրապարակուած փաստերը կրնան համոզել հետեւողը ներթափանցման փորձ կատարած գործուղուող անձին մասին:

Մինչդեռ մոլորած 16-ամեայ հովիւը այս պարագային լրիւ պատրաստ կերպար էր առանց դիմելու` դիմելու լուր տարածելու համար: Բնականաբար միջազգային հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելու, թէ հայկական կողմը կը գերեվարէ անչափահաս, մոլորած գիւղացի մը: Տեղեկատուական այս խաղը աւելի պարզ կը դառնայ, երբ թրքական լրատուամիջոցին տարածած լուրը, որ ըստ էութեան պաշտօնական քայլի մը կը վերաբերի, չի հերքուիր պաշտօնական բաժանմունքներու կողմէ: Բնական ընթացքը պիտի ըլլար այն, որ թրքական հեղինակաւոր լրատուամիջոցի մը տարածած լուրը իր նախագահին մասին նախ հերքուէր Թուրքիոյ նախագահին մամլոյ բանբերին կողմէ:

Սահմանահատումի դէպքերը կրնան շարունակուիլ: Սահմանապահներու ցուցաբերած զգօնութեան  առընթեր հայկական կողմի տեղեկատուական համակարգը եւս թրքական տեղեկատուական խաղերը բացայայտելու առաջադրանքը կը շարունակէ կատարել:

Մինչ այդ, միջազգային հանրային կարծիքը, որուն ապակողմնորոշման աշխատանքին լծուած է պաշտօնական Անգարան, կը նկատէ, որ հակառակ ուղղութեամբ սահմանահատումներ չեն արձանագրուիր մանաւանդ այնպիսի քաղաքացիութիւն ունեցողներու կողմէ, որոնք կը յուշեն միջազգային ահաբեկչական խմբակներու մասին:

«Ա.»

Մանուկը

0
0

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

– Մա՛մ, ասո՞նք են շատրուանները, որոնց մասին յաճախ կը պատմէիր ինծի:

– Այո՛, տղա՛ս: Քիչ ետք բոլորը կը ցայտեն ու, պատմածիս պէս, կը տեսնես անոնց երաժշտութեան համեմատ գունաւոր պարը:

– Ի՜նչ լաւ:

– Եկո՛ւր` հոս նստինք, որ կարենաս մօտէն դիտել ու վայելել գեղեցկութիւնը:

Այսպէս մայրն ու իր հնգամեայ մանչուկը կը նստին ու կը հետեւին Հանրապետութեան հրապարակի շատրուաններու երգահանդէսին: Համերգի մը ներկայ են անոնք կարծես, ձագուկը աչքերը չի թարթեր պահ մը չկորսնցնելու համար: Երաժշտական ականջը նկատելի է այս տարիքէն: Է՜, ինչպէ՞ս չունենայ այդ ունակութիւնը. ծնունդէն ի վեր մօրը ջութակին հնչիւնները կ՛ունկնդրէ ձագուկը, արդէն իսկ գիտէ, թէ ո՛ր երաժշտութիւը ո՛ր երգահանին կը պատկանի` հայ թէ օտար:

Մայրը իսկոյն կը յիշէ իր ուսման տարիները հայրենիքի մէջ, երաժշտական գիտելիքներուն մի առ մի տիրապետումը: Տարինե՜ր անցած են, իսկ այս մեղեդիները որքա՜ն սրտամօտ են, որքա՜ն հարազատ է այս վայրը: Արդեօք պիտի կարենա՞ն օր մը ընտանեօք հոս հաստատուիլ ու ձագուկը հեռացնել օտար միջավայրերէն, օտար ազդեցութիւններէն…

Օտար… տեղ մը, երկիր մը, ուր միայն քանի մը հայ կը բնակի, քանի մը հայ միայն` ամբողջ երկրի տարածքին: Կարողացած են անոնք ձագուկը հայ պահել. տան մէջ միայն հայերէն լսած է ան, բայց ահա այս տարի սկսաւ անոր հաղորդակցութիւնը խրուաթ տարեկիցներու հետ, սկսած է լսել ու երբեմն արտաբերել հնչիւններ խրուաթերէն, որոնք խորթ թուացած են առաջին քանի մը ամիսը, սակայն… կու գայ ընտելացումը, համակերպումը, տարիներու հոսանքով լեզուին հետ կ՛ընտելանայ նաեւ ամէն ինչի, որ օտար է. արդեօք որքա՞ն կարելի է ձագուկը հայ պահել այդ միջավայրին մէջ: Այսպիսի խորհրդածութեան մէջ խորասուզուած մայրը կ՛ապրի այս ակնթարթները ու… կը սթափի.

– Մա՛մ, նայէ, հոս բոլորը հայերէն կը խօսին, հոս բոլորը զիս կը հասկնա՞ն,- փայլուն աչուկներով կը խօսի ձագուկը, երբ ուշադրութիւնը շեղած է երաժշտութենէն` քիչ մը հեռուն փուչիկ մը բռնելու համար վազող մանուկ մը նկատելով:

Մօր վէրքը կը բորբոքեն կարծես ձագուկին այս խօսքերը, մինչ ձագուկը մերթ կը ծափէ, մերթ խորասուզում մը կ՛ապրի եղանակներուն ազդեցութենէն, մերթ ձեռքերը կը շարժէ, մերթ գլուխը` ցայտող շատրուանին հետ քալեցնելով… ու ահա երաժշտութեան աշխուժ ելեւէջներուն հետ մօրը ձեռքը բռնած` կը ցատկոտէ, կը պարէ, այնպէս` ինչպէս կ՛ընէ տան մէջ, երբ խանդավառ եղանակի մը հնչիւնները լսէ. կը պարէ` առանց նոյնիսկ անդրադառնալու, որ իր այս ձեւերով կը հրահրէ յուզումը մօր, որ քիչ առաջ խրած էր մէջը, մայրն ու զաւակը կապող թելը չէ՞ այս միթէ, որ կ՛աճի, կ՛ամրանայ զաւկին հասակին հետ:

– Մա՛մ, այս մայթին վրայ նստող վաճառող կի՞նն ալ հայ է:

Կը հարցնէ ձագուկը վերադարձի ճամբուն… Ու կը դիտէ չորս դին, վաճառատուներուն վրայի հայերէն բառերը կը փորձէ կարդալ, հանրակառքերուն, թաքսիներուն վրայի գրութիւնները` նոյնպէս: Տունը միայն հեքիաթի գիրքերուն ու այբբենարանին մէջ տեսածը կարդալու փորձեր ըրած տառերն ու բառերը հոս ամէնուր կը տեսնէ ու մանաւանդ կը լսէ, կը հաղորդակցի, կը խաղայ իրեն պէս խօսողներու հետ…

Մայրը գոհունակութեամբ կը հետեւի ձագուկին շարժումներուն, հասած է իր նպատակին` ձագուկին շօշափելի բան մը ցոյց տալով: Այս այցելութեամբ բան մը փորձած էր ցանել անոր մէջ, իր արմատներէն խլուած հունտ մը` թերեւս, ու գոհ է, որ ձագուկը ընդունած է խինդով ու ծիծաղով. այսպիսով, հեռաւոր ապագայի մութ պաստառին վրայ լուսաւոր գիծ մը գծած ըլլայ թերեւս, ու`

– Մա՛մ, ես երբ մեծնամ, պապային չափ ըլլամ, հոս պիտի գամ, ամուսնանամ հայ աղջկան մը հետ: – Կ՛ըսէ ձագուկը ի տես հանդիպակաց մայթէն անցնող սիրահար պատանիներու գիրկընդխառնումին:

Հնչիւններ են ըսուածները, բայց զարմանք կը պատճառեն մօր, որ չի գիտեր` ի՛նչ ընէ: Հնչիւններ, որոնց մասին երբեք ակնարկ չէ եղած տան մէջ: Զարմանք, այո՛, բայց` ծիծաղով շաղախուած, որ հեռաւոր ապագայի մութ պաստառին լուսաւոր գիծէն շողեր կ՛արձակէ:

 

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Սեպտեմբեր Ա.- Սուրիոյ Հայ Համայնքը` Ազդեցիկ Ուժ

0
0

Սուրիոյ հայ համայնքը դարերու վրայ երկարող պատմութիւն ունի այս երկրին մէջ: Համայնքը յատկանշուած է տնտեսական, մշակութային, քաղաքակրթական, գիտական, քաղաքական, ընկերային ազդու ներկայութեամբ: Մերթ ընդ մերթ այդ ազդեցութիւնը, քաղաքական կացութիւններու փոփոխութեան լոյսին տակ, սահմանափակումներու ենթարկման վտանգին դէմ յանդիման գտնուած է, բայց պահպանելով իր ուժականութիւնը` վերստին զօրացած եւ դրական ներգործութեան վերածուած է Սուրիոյ ողջ տարածքին, յատկապէս երբ իշխանութիւնները ունեցած են հայկական  գործօնը ճշգրիտ կերպով գնահատելու, արժեւորելու կարողութիւն եւ հեռատեսութիւն` բնականաբար միշտ մեկնելով երկրին ու անոր բազմերանգ ընկերութեան շահերէն:

Ունենալով ընդհանրական դիմագիծ, ընդհանրական մարտահրաւէրներ ու շահեր` Սուրիոյ իւրաքանչիւր շրջանի հայութիւն իր ինքնուրոյն պայմաններն ու գործելաոճը ունեցած է, բնականաբար: Հիւսիսային շրջանի` Ճեզիրէի մէջ գտնուող հայութիւնը, օրինակ, քաջածանօթ է տեղւոյն ընկերային կեանքի դրուածքին, գիտէ յարմարիլ փոփոխական կացութիւններուն ու կը փորձէ օղակ հանդիսանալ շրջանի ընկերութեան զանազան մասնիկներուն միջեւ` սրումներ մեղմացնելու, անլուծելի թուող հարցերուն լուծում առաջարկելու, իր ինքնութեան պահպանման խարիսխները ամրապնդելու, այնքան ատեն որ առողջ կը մտածէ, զերծ կը մնայ փոխադարձ ատելութիւն հրահրող կողմերու ազդեցութենէն, յաճախ գործակցութեան` համերաշխութեան օրինակ իսկ ծառայելով, հարցերու լուծման տարբերակներ իսկ առաջարկելով:

Նոյնն է պարագան հալէպահայութեան, ծովափնեայ շրջանի եւ Դամասկոսի հայութեան: Հայկական ներկայութիւնը իւրաքանչիւր շրջանի մէջ ծառայած է փոխադարձ հանդուրժողութեան եւ համերաշխ գոյակցութեան պահպանման, եւ սուրիահայութիւնը վստահելի տարր դարձած է իր գործունէութեամբ եւ դիւանագիտական ճկունութեամբ:

Եթէ այս բոլորին աւելցնենք հայկական դեսպանատան եւ հիւպատոսութեան ներկայութիւնը, որո՛նք միայն, որպէս դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն, շարունակեցին հաւատարմաբար գործել պատերազմի տարիներուն եւ մնացեալ դիւանագիտական գրասենեակներուն նման չփակեցին իրենց դռները, առաւել ընդարձակ պատկերացում մը կրնանք կազմել Սուրիոյ մէջ հայկական գործօնին մասին:

Սուրիոյ մէջ վերջնական խաղաղութիւն չէ հաստատուած տակաւին, որոշ շրջաններ կը դիմագրաւեն դժուարութիւններ: Այսուհանդերձ, խաղաղութեան հաստատման, հանդուրժողական մթնոլորտի պահպանման, Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն եւ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններու աշխուժացման մէջ նկատառելի ազդեցութիւն կրնայ ունենալ հայկական գործօնը, եթէ անոր ներուժը լիիրաւ օգտագործուի:

Յետպատերազմեան շրջանը կը պարտաւորեցնէ նախաձեռնող ըլլալ, չբաւարարուիլ ցարդ տարուած աշխատանքներով, երեւելի դարձնել Սուրիոյ վերականգնումին մէջ հայկական գոյնը, կարենալ օգտագործել մեր ամբողջ ներուժը:

Սա իրագործելու համար անհրաժեշտ է` նախ ինքնակազմակերպուիլ, բաց ըլլալ նորութիւններու դիմաց ու այդ նորութիւնները բերել, ներմուծել համայնք, անոնցմով նոր շունչ ու որակ տալ հետագայ մեր աշխատանքներուն, չսահմանափակուիլ եղածով, փրկուածով: Այլ խօսքով, ժամանակն է անցեալին մէջ ձգելու պատերազմը եւ անոր ամբողջ բեռն ու ցաւը, ու մէկ առ մէկ զարգացնելու, վերաորակաւորելու մեր բոլոր հաստատութիւններն ու կառոյցները` գործով, ծրագիրներուն կեանք տալով, նոր միտք, նոր գործելաոճ որդեգրելով, բայց մանաւանդ` բարեփոխումներ կատարելու յանդգնութիւն եւ նպատակաուղղուածութիւն ունենալով ու այս ոլորտին եւս նիւթական հայթայթելով:

Եղածով բաւարարուիլն ու ինքնագովութիւնը անընդունելի են,  մարդիկ եւ ընկերութիւններ պէտք է ձգտին նորին, իսկ թերութիւնները միայն պատերազմին վերագրելը կառուցողական քննարկումներէ զերծ կը պահեն մեզ:

Ինքնակազմակերպումին չափ ալ կարեւոր է հաշուետուութեան մեքանիզմի վերակենդանացումը բոլոր ոլորտներէն ներս, աշխատանքի հրաւիրուած տարրը պատասխանատուութեան հրաւիրելու եւ թափ տալու անոր արդիւնաւէտ գործունէութեան, այլապէս ամէնէն ամբողջական ծրագիրն իսկ կեանքի կոչելու դժուարութեան պիտի հանդիպինք:

Ինքնակազմակերպման այս ընթացքով պիտի շեշտադրուի նաեւ հայկական գործօնին ազդեցութիւնը, որ նպատակաուղղուած ըլլալու պարագային ե՛ւ հայ համայնքին, ե՛ւ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններուն նոր որակ ու կշռոյթ կրնայ հաղորդել:

«Գ.»

 

Viewing all 12041 articles
Browse latest View live