Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Յետյեղափոխութեան Երկրորդ Փուլի Ազդանշաններով…

$
0
0

ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Դ) ՀՀ Եւ ԱՀ Ներքաղաքական Դաշտերու Սահմանազատման Անհրաժեշտութիւնը

Արցախեան պահանջատիրութիւնը` իբրեւ մարտավարութիւն, երբ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի թեզը որդեգրեց, եւ անոր հիմամբ մեր երկրորդ հանրապետութիւնը հռչակեցինք, թոյլատրելի չէ զոյգ հանրապետութեանց ներքաղաքական դաշտերու սահմանազատումները չյարգելը ե՛ւ ներքին, ե՛ւ արտաքին առումներով. մարտավարական այս յղացքին համահունչ վարուելակերպը վտանգաւոր խախտումներ արձանագրեց, երբ`

ա) 1992-ին Հայաստանի ՀՀՇ-ական իշխանութիւնները ձեռնամուխ եղան ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի նախագահի ընտրութեան` պատգամաւորներու վրայ անընդունելի ճնշումներով:

բ) 1993-ին, նոյն իշխանութիւնները շանթաժի դիմեցին ԼՂՀ իշխանութիւններու նկատմամբ, երբ Հայաստանի թիկունքային օժանդակութիւնը (պենզին, պարենաւորում, մարդուժ…) պայմանաւորեցին ԼՂՀ իշխանութիւններու քաղաքական կեցուածքի փոփոխութեամբ (Հռոմ երթալու հարկադրանքը առջեւ քշելով):

գ) 1996-ի իրենց հեղինակազրկումէն առաջ ու ետք, ՀՀ իշխանութիւնները նախ` Սերժ Սարգսեանը իբրեւ super նախարար, ապա ԼՂՀ նախագահը` Ռոպերթ Քոչարեանը իբրեւ վարչապետ, «ներածեցին» Հայաստան:

Փոխառութիւնը շարունակուեցաւ Սէյրան Օհանեանով…

դ) ՀՀ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան ԼՂՀ-ի փոխարէն բանակցելու ձեւաչափին յանձնուեցաւ:

ե) Անցնող յունիսին հայաստանեան ներքին քաղաքական զարգացումները Արցախի Հանրապետութեան մէջ թարգմանելու խմորումները ԱՀ իշխանութեանց քաղաքական կանխարգելիչ միջոցառումներով եւ այս անգամ` սահմանազատումը յարգելու յանձնառութեամբ մարեցան…

Սակայն Քոչարեանի կալանաւորման առթիւ այս անգամ հակառակ ուղղութեամբ ոտնձգութիւններու փորձը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ Արցախի խորհրդարանական ուժերու յայտարարութեամբ չբաւարարուելով` խորհրդարանի երեսփոխաններուն կէսը Քոչարեանի կալանաւորումը փոխարինելու միջնորդագիրներ ներկայացուց (դժբախտաբար, հոս` ոչ մէկը արժեւորեց Արցախի ՀՅԴ երեսփոխաններու կեցուածքը, որ չէր ներքաշուած այդ գործընթացին) ՀՀ-ի արդարադատութեան մաս կազմող տուեալ դատախազութեան:

Այնուհետեւ, կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, Արցախի իշխանութիւնները միջնորդագիրներու ներկայացման գործընթացէն իրենց կնիքը սրբելու յատուկ ջանադրութեամբ մը շրջադարձ կատարեցին, երբ իրենց առաջնորդութեամբ արցախցիներու մասնակցութեան հետամուտ եղան օգոստոս 17-ի հանրահաւաքին: Այս մասնակցութիւնը առանձնայատուկ ողջունումի արժանացաւ վարչապետ Փաշինեանին կողմէ:

Յետյեղափոխութեան, կը թուէր, որ զոյգ ներքաղաքական դաշտերու փոխադարձ շահարկումներու աւանդոյթը բացառուած է այլեւս: Մանաւա՛նդ երբ յետյեղափոխութեան վարչապետի Արցախ կատարած առաջին այցի առթիւ փոխանցուած պատգամը կ’ընդգծէր ԱՀ-ի անունով չբանակցելու եւ իբրեւ այդպիսին` միայն ԱՀ-ի իշխանութիւնները ներկայացնելու դիւանագիտական հաստատակամութիւն մը: Այս մէկը յաւելեալ փափկանկատ յանձնառութիւն մը կ՛ենթադրէր զոյգ հանրապետութեանց ներքաղաքական դաշտերը տարանջատելու անհրաժեշտութեան ուղղութեամբ:

Ահաւասիկ, սակայն, պահանջատիրական վերոնշեալ մարտավարութեան թելադրած կանոնները անգամ մը եւս խախտեցան…

Արդարեւ, բոլորը պէտք է գիտակցին, որ այս վտանգաւոր աւանդոյթի շարունակութեան պարագային, գին պիտի վճարուի ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ, եւ ինքնորոշման իրաւունքի ելակէտով արցախեան պահանջատիրութիւնը իր արդիւնաւէտ դերաբաշխումը պիտի չունենայ:

Ե) Փտածութեան Դէմ Պայքար – Անցումային Արդարադատութիւն Է – Մարտ 1

Քաղաքական եւ տնտեսական համակարգերու սերտաճման իրողութիւնը վերանկախացած մեր պետութեան դատաիրաւական կարգուսարքը պատշաճեցման ենթարկած է նո՛յն իրողութեան: Թաւշեայ յեղափոխութեամբ քաղաքական դաշտի ազատագրման գործընթացի այժմու ծանր մարտահրաւէրը կը կայանայ ո՛չ միայն տնտեսական համակարգէն ամբողջութեամբ տարանջատուելու, այլեւ անոր վերահսկողութիւնը ձեռք ձգելու անհրաժեշտութեան մէջ: Վերոնշեալ մարտահրաւէրի իրագործման հիմնական զինակիցն ու պետական գործիքակազմը դատաիրաւական համակարգն է, որ նախկին իրողութեան յարմարուած պատանդը մնալու վտանգը կը դիմագրաւէ: Այս վտանգը չէզոքացնելու դեղատոմսը դատաիրաւական բարեփոխումներու մեթոտական եւ բովանդակային այնպիսի թղթածրարի մը որդեգրումն է, որ ամբողջ համակարգը համընթաց կը պահէ յեղափոխութեան կշռոյթին ու անոր բարձր նշաձողի արժէքներուն` առանց երկիրը կործանարար ցնցումներու մէջ խրելու: Արդար է այն ակնկալութիւնը, որ փտածութեան դէմ պայքարը չսահմանափակուի միայն տնտեսական ստուերը օրինական դաշտ բերելով եւ քրէական ու փտածութեան կանխարգիլման գործողութիւններով: Անիկա պէտք է անպայմանօրէն յետագիծ բանայ նախկին գողօնը պետպիւտճէ վերադարձնելու եւ անոր միջոցով արդար վերաբաշխում կատարելու: Դժբախտաբար ապօրինի հարստացման 1 յուլիս 2017-ի ուժի մէջ մտած օրէնքը յետադարձ ուժ չունի: Այս իմաստով, յետագիծ բանալու եւ դատաիրաւական համակարգը յեղափոխութեան ակնկալիքներուն համահունչ դարձնող բարեկարգման թղթածրարի մը որդեգրումը քաղաքական կա՛մք ու հետեւողականութի՛ւն կ’ենթադրէ. բան մը, որ ներկայ խորհրդարանին մէջ կրնայ դժուարութիւններ դիմագրաւել: Առաջադրուած այլընտրանքը` անցումային արդարադատութիւնը, նոյնինքն վարչապետին ի՛սկ հաստատումով, քննարկման կը կարօտի: Անոր որդեգրումը անընդհատ վիճայարոյց կացութիւններ պիտի ստեղծէ երկրի սահմանադրութեան հետ, որովհետեւ անիկա իր յառաջացնելիք դրոյթներով սահմանադրական ամրագրուած նորմեր պիտի շրջանցէ, անխուսափելիօրէ՛ն: Օֆշորային գօտիներէ քողարկուած դրամագլուխը յայտնաբերելու եւ անոր պետական իրաւատիրութիւնը հաստատելու միջազգային այլ օրինաչափութիւններ եւ ընթացակարգ գոյութիւն ունի, որ անպայմանօրէն անցումային արդարադատութեան մարմիններու ճանապարհէն չ’անցնիր:

Անցումային արդարադատութեան այլընտրանքին որդեգրման մտահոգութիւնը առաւե՛լ կը խորանայ, երբ մարտ 1-ի գործը կը մկրտուի սահմանադրական կարգի տապալման կամ պետական յեղաշրջումի կնիքով: Տասը զոհերու (որոնցմէ երկուքը` ոստիկան) սպանդին պատասխանատուութեան հետապնդումը նոր բարդութիւն մը կը զգենու վերոնշեալ պիտակաւորումով: Դատական նման յղումով քաղաքական վիճայարոյց արարի մը վերարծարծումը տասը զոհերու սպանդին պատասխանատուութեան փնտռտուքին արդիւնաւոր ու ապահով ուղին չէ երբե՛ք:

Նոր սկիզբի առաքելութիւնը կրնայ իր հունը կորսնցնել եւ նոյնիսկ իմաստազրկուիլ, եթէ մարտ 1-ի դատական գործի այս վերնագրումով իր մէկ ոտքը սայթաքի քաղաքական հաշուեյարդարներու անցեալի տրամաբանութեան մէջ:

Այս զգուշաւոր անհրաժեշտութիւնը հակոտնեայ չէ երբե՛ք փտածութեան դէմ պայքարի, տնտեսաքաղաքական մենաշնորհները բացառելու ջանադրութեան, գողօնը պետպիւտճէ վերադարձնելու, ինչպէս նաեւ քրէական ծածկուած յանցագործութիւններ բացայայտելու եւ արդարութիւն հաստատելու վճռակամութեան հետ:

Զգուշ պէտք է ըլլալ` վերոնշեալ առաջադրանքները իբրեւ շղարշ օգտագործելու փորձութենէն: Այս նախանձախնդրութիւնը պահանջուած է բոլորէն: Այլապէս, նոր սկիզբն ու անոր առաքելութիւնը պատանդը պիտի ըլլան հաշուեյարդարներու նախկին տրամաբանութեան:

Նոր սկիզբը պէտք չէ ներքաշուի այնպիսի ոլորապտոյտի մը մէջ, որ արհեստական ու բռնազբօսիկ ճիգով մը կ’այժմէականացնէ անցեալի վիճայարոյց դէպքեր ու քաղաքական դրուագներ, ինչպիսին է մարտ 1-ը:

Այսպէ՛ս, անիկա, կամայ-ակամայ ագուցուած պիտի մնայ քաղաքական այլ վիճայարոյց փուլի եւ դրուագներու հետ (92, 94, 96…): Իսկ քաղաքական իմաստաւորում ստացած այս գործը անցումային արդարադատութեան եւ անոր միջազգային փորձագէտներուն առնչելը վտանգը կը կրկնապատկէ, ա՛յս անգամ` արտաքին միջամտութեան բաղադրիչներ պարփակելով: Այս մէկը երկրի քաղաքական գործընթացներուն վրայ ազդելու արտաքին լծակներ կը տրամադրէ` պետութեան ինքնիշխանութեան վնասելով: Որոշ տարբերութիւններով հանդերձ, այս իմաստով բացատրողական եւ բաղդատական օրինակի մը կը ծառայէ Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական երկրաշարժերուն ազդանշանը հանդիսացող, Լիբանանի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան միջազգային դատական ատեանի կազմութիւնն ու գործունէութիւնը, որ յատկորոշուեցաւ երկրի կայունութիւնը պատանդող միջազգային հետաքննիչներով, փորձագէտներով, ինչպէս նաեւ անոնց ներդրած կեղծ վկաներով խայտառակուած` սարքովի դատական գործընթացով:

Ահաւասի՛կ, 13 տարիներու ժամանակամիջոցը սպառելու մօտեցած միջազգային դատական ատեան մը, որ երկրի ապահովական եւ քաղաքական ցնցումներուն մէկ կարեւոր ու փաստացի լծակն է: Երկրի վարչապետին դէմ ոճիրի բացայայտման Լիբանանի հասարակութեան ու պետութեան արդար ակնկալութիւնը` միջազգային դատական այս ատեանի որդեգրման տարբերակով, նոյն երկրի ու անոր հասարակութեան մղձաւանջին վերածուած է` իր նիւթական պարտաւորութեամբ եւ աշխարհաքաղաքական վտանգաւոր շահարկումներով: Դատական այս կրքոտ գործընթացը չվարանեցաւ նաեւ ամբաստանելու եւ ձերբակալելու երկրի ապահովական կառոյցներու պետերը, որոնց «բացակայութեան» ժամանակամիջոցին քաղաքական սպանութիւններու թատերաբեմը առաւել հարստացաւ: Վերոնշեալ ֆոնին, աւելորդ պիտի չըլլայ յիշել Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմը, ինչպէս նաեւ` պաղեստինեան գաղթակայաններու պարբերական ապստամբութիւնները…

Զգուշաւորութեան եւ շրջահայեաց ըլլալու ծառայող օրինակ մըն է վերոնշեալը, մանաւա՛նդ երբ մարտ 1-ի գործը, անկախ իր քաղաքական իմաստաւորումէն, կ’ենթադրէ նաեւ ներքաշել ղարաբաղեան ճակատներու վրայ թրծուած հրամանատարներ…

Անցումային արդարադատութեան այլընտրանքի որդեգրումը կը պարունակէ տարբեր ռիսքեր` երկրի սահմանադրականութեան խնդրահարումներէն մինչեւ անոր ինքնիշխանութեան բաղադրիչներու սասանումն ու հասարակական համերաշխութեան հովանիին կորուստը… Մանաւա՛նդ, պատերազմի վտանգի առկայութեան, իրաւունք չունի՛նք անտեսելու այս ռիսքերը: Հայկական թաւշեայ յեղափոխութեան արդարութեան հաստատման ճանապարհը անպայմանօրէ՛ն ազգային երկխօսութեան մկրտարանէն պէտք է անցընել: Խօսքը արդարութեան հաշուոյն փոխզիջումներու մասին չէ՛, այլ արդարութեան հաստատման արդիւնաւոր ու ապահո՛վ ուղիի մը որդեգրման կը վերաբերի: Մեր պետութեան դատաիրաւական ներկայ համակարգի անելանելի դրոյթներու վերաբերեալ կարելի է միջազգային խորհրդատուական մեքանիզմներու ապաւինիլ` սեփական մաղի ու խիղճի պահպանումով: Վերոնշեալ հոլովոյթին զուգընթաց, դատաիրաւական բարեփոխումներու թղթածրարը, եթէ նոյնիսկ ներկայ խորհրդարանին մէջ ծանրաշարժ ընթացք կրնայ ունենալ, ապա արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէ ետք կազմաւորուած խորհրդարանով անոր յառաջընթացը այլընտրանք չունի: Փտածութեան, ապօրինի հարստացման, ինչպէս նաեւ քրէական թէ քաղաքական յանցագործութեանց դէմ պայքարով անցեալի եւ ներկայի ամբողջական արդարութեան հաստատման ունակ դատաիրաւական համակարգի գործարկումը անհրաժեշտ է, որ գոյացնէ ազգային երկխօսութեան, բարեփոխումներու թղթածրարի որդեգրման եւ միջազգային խորհրդատուական մեքանիզմներու ներդրման կռուանները:

Այս կռուաններու գոյացման անհրաժեշտ ու արդար ժամանակը չէ սպառած. այդ ժամանակը շտապողականութեամբ պէտք չէ շրջանցենք: Աճապարանքը արկածախնդրութեան համազօր կրնայ ըլլալ…

18-28 օգոստոս 2018
«ԴՐՕՇԱԿ»

(Շար. 2)


Զուլալ, Առնական Եւ Ոգեշնչող

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Յովհաննէս (Վանիս) Գապաքեանը, ժողովրդային բնորոշումով սովորական «զուռնաճի» չէ. ան տիրապետած է այս գործիքին` թէ՜ բացայայտելով զուռնային բոլոր նրբերանգները, թէ՜ նաեւ պատրաստելով բարձր որակով զուռնաներ: Ան հմտացած է նաեւ թմբուկի, սրինգի եւ «ուտ»-ի պատրաստութեան մէջ:

Իր կատարումները ունկնդրողին կը փոխանցեն Մուսա լերան հերոսական ժողովուրդին պարեղանակներուն զուլալ, առնական եւ պայքարող ոգին:

Փաստօրէն Վանիսը եղած է Մուսա լեռ-Այնճարի (եւ ոչ միայն) ժողովրդային տօնախմբութեանց զարդը վերջին յիսուն տարիներուն` արժանանալով բոլորին գնահատանքին:

Վանիսը յաջողած է նաեւ իր փորձառութիւնն ու գիտելիքները փոխանցել նոր սերունդին` որպէսզի միշտ հնչէ մուսալեռցիներուն թմբուկ-զուռնան:

Այս ձայնասկաւառակով ան կը յաւերժացնէ իր կատարումները` ունկնդիրներուն հրամցնելով Մուսա լերան պարեղանակներուն եւ ժողովրդային երգերուն իր հարազատ եւ ոգեշնչող մեկնաբանութիւնը:

 

 

1 մայիս 2018

Մուսա լեռ-Այնճար

Արցախահայութիւնը Ապացուցեց, Որ Կրնայ Յաղթել. Արա Բաբլոյեան

$
0
0

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի անկախութեան օրուան առիթով: Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, կը շնորհաւորեմ բոլորիս Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 27-րդ տարեդարձին առիթով եւ կը խոնարհիմ բոլոր անոնց պայծառ յիշատակին առջեւ, որոնք ինկան հայոց երկրորդ պետութեան անկախութիւնը պաշտպանելու  ճանապարհին:

Արցախի ժողովուրդն իր անբեկանելի որոշումը կայացուց ռազմական ու քաղաքական դժուարին եւ անորոշ ժամանակաշրջանի մէջ, երբ թերեւս միակ որոշակի ու յստակ իրողութիւնը հայրենի հողին սպառնացող վտանգի ահագնացումն էր: Պատմութիւնն ապացուցեց, որ անկախութեան հռչակումը արցախահայութեան` իր պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութեան միակ ուղին էր: Իսկ արցախահայութիւնն ապացուցեց, որ կրնայ յաղթել, բուժել պատերազմի վէրքերը, արարել ու շէնացնել իր լեռնաշխարհը: Եւ աւելի՛ն. հաստատակամօրէն յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները` կառուցել ժողովրդավարական հասարակարգ, որ պետութեան ու հասարակութեան զարգացման կարեւորագոյն գրաւականն է:

Սեպտեմբեր 2-ը համայն հայութեան տօնն է, որ մենք նուաճած ենք համազգային պայքարի արդիւնքով, եւ Հայաստանը շարունակելու է ըստ ամենայնի աջակցիլ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հետագայ ամրապնդմանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի եւ իմ անունով կրկին կը շնորհաւորեմ Արցախի ողջ ժողովուրդին այս նուիրական տօնին առիթով: Շնորհաւորանքի ու գնահատանքի խօսք կ՛ուղղեմ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց աւանդը ունեցած են Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան ու զարգացման գործին մէջ:

Սիրելի՛ արցախցիներ, կը ցանկամ ձեզի նորանոր յաջողութիւններ պետականաշինութեան, օրէնսդրական դաշտի շարունակական կատարելագործման, ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տնտեսութեան զարգացման ասպարէզներուն մէջ: Կը մաղթեմ խաղաղութիւն, յառաջընթաց եւ բարօրութիւն»:

 

 

Պատշաճ Յարգանք` Վահէ Յարութիւնեանի Յիշատակին

$
0
0

Կիրակի, 2 սեպտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին ՀՅ Դաշնակցութեան Կլենտէյլի (Քալիֆորնիա) «Գարամանուկեան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչական հաւաք մը` յարգելու համար յիշատակն ու վաստակը ՀՅԴ Բիւրոյի գործավար եւ աշխատակազմի ղեկավար, նորոգ հանգուցեալ Վահէ Յարութիւնեանի:

Հաւաքը կայացաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կայացած քառասունքի հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք:

Ներկայ էին հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները, հարազատները եւ գաղափարի ընկերները, որոնք նաեւ նախաձեռնած էին այս յիշատակի հանդիպումը:

Խօսք առին Վահէ Յարութիւնեանի մտերիմ ընկերներ Արիս Յովսէփեանը, Վաչէ Բրուտեանը (որ նաեւ ներկայացուց Վահէի մտերիմներէն Զաւէն Թորիկեանի «Վահէին պարտէզը» յիշատակի գրութենէն հատուածներ), Վարուժան Բաբումեանը, Սարգիս Մահսէրէճեանը, Մխիթար Մուրատեանը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Եագուպեանը (վերջինին խօսքը կու տանք ստորեւ):

Բոլոր խօսք առնողները կսկիծով անդրադարձան Վահէ Յարութիւնեանի մարդկային եւ կուսակցական ամբասիր նկարագիրի գիծերուն, պատմեցին յուշեր Վահէին հետ իրենց մտերմութենէն: Բոլորն ալ ընդգծեցին Վահէին բծախնդիր մօտեցումը կուսակցական գլխագիր Գործին նկատմամբ, թէ ինչպէս ան ընթացիկ ժողովական կեանքէն անդին` նոյն այդ ժողովներու որոշումները կեանքի կոչելու գործընթացին մէջ ունեցած է իր մղիչ դերակատարութիւնը: Ընկերները նաեւ խօսեցան իր ամրակուռ նկարագիրին մասին, զինք նմանցուցին այն կրակին, որ չէր երեւնար, սակայն կը ջերմացնէր: Իր կորուստը ծանր էր ո՛չ միայն իր կնոջ` Թամարին, զաւակին` Գալէին, մօր, քոյրերուն եւ եղբայրներուն ու հարազատներուն, այլեւ ամբողջ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին համար, որովհետեւ Վահէն կը հանդիսանար նաեւ մեր կազմակերպական յիշողութեան շտեմարանը:

Ընտանիքին կողմէ շնորհակալութեան եւ սրտի խօսք ուղղեցին Վահէ Յարութիւնեանի քրորդին` Արթին Թեյմուրեանը եւ երէց եղբայրը` Վարանդ Յարութիւնեանը:

Յիշատակի հաւաքը վերջ գտաւ «Վէրքերով լի» խմբերգով:

———–

Վահէն` Վիթխարի Ապառաժ,
Որ Լուռ Կանգնած Է Կողքիդ

Ես Վահէին ծանօթ էի վերջին առնուազն 15 տարիներուն, սակայն ճանչցայ զինք միայն վերջին երեքուկէս տարիներու վրայ երկարող ժամանակաշրջանին:

Պիտի ուզեմ քիչ մը անկեղծանալ այսօր եւ արտայայտուիլ դաշնակցականի մը համար անսովոր բացութեամբ, որովհետեւ այսօր, սա պահուն, անո՛ր է արժանի ընկերս` Վահէն: Որքա՛ն պիտի առարկէր եւ դիմադրէր այս ուղղութեամբ. բայց վնաս չունի. արժանի է անոր ընկերս` Վահէն:

Երբ ընտրուեցայ ՀՅԴ Բիւրոյի կազմի անդամ, գէթ փորձառութեամբ, այդ մարմինին ծառայող ամէնէն կրտսերներէն էի: Կրնաք երեւակայել, թէ որքա՛ն պարտաւորեցնող էր այդ հանգամանքը` իր մէջ ունենալով նաեւ վհատեցնող պահեր: Սակայն իբրեւ դաշնակցականի` պարտաւորութեան եւ պարտականութեան վիթխարի առկայութիւնը երբեք չէր կրնար արգելք հանդիսանալ այն գլխագիր Գործին, որուն կոչուած էինք ծառայելու բոլորս անխտիր: Սակայն այնքան ալ դժուար չէ կորսուիլ այդ ոլորապտոյտ եւ յաճախ մութ ճանապարհին վրայ, մանաւանդ երբ աննախատեսելի վտանգներ ահազանգային յաճախականութեամբ կը խափանեն այդ ճանապարհը եւ կը պաշարեն քեզ:

Անձկութիւնը այդ րոպէներուն տկարութեան նշան չէ. սակայն դաշնակցական անկեղծ եղբօր մը ներկայութիւնը կողքիդ` կը պաշտպանէ մէջքդ անսպասելի հարուածներէ: Վերջին տարիներուն Վահէն ինծի համար եղաւ այդ դաշնակցական ընկերը, այդ դաշնակցական եղբայրը: Եղաւ այն ընկերը, որուն վստահութիւնը վայելող իբրեւ` կրնաս ինքզինքդ ապահով զգալ, ամուր, պաշտպանուած եւ պինդ: Գիտեմ, որ այստեղ կան տղաք, որոնք շատ աւելի երկար եւ շատ աւելի ճակատագրական ճանապարհ կտրած են Վահէին հետ, սակայն այս վերջին տարիներուն Վահէին ցուցաբերած անշեղ նեցուկը իմ նկատմամբ` կը մնայ հետս, հոգիիս ամէնէն խորին ծալքերուն մէջ, մինչեւ որ օր մը ես ալ միանամ իրեն` այս աշխարհէն շատ հեռու:

Եւ այդպէս էր Վահէն: Սակաւախօս, սակայն վիթխարի ապառաժ` լուռ կանգնած կողքիդ: Ծայրայեղ կերպով խնայող, երբ կարգը կու գար բառերու եւ խօսքի գործածութեան, սակայն անծայրածիր կերպով առատաձեռն` իր ընկերներուն հանդէպ հոգատարութեան եւ բարեսիրութեան մէջ:

Կը կարծեմ, որ Վահէն կ՛առաջնորդուէր կեանքի իր փորձառութեամբ եւ ստացած դաստիարակութեամբ բիւրեղացած բարոյական ներքին մէկ արժեհամակարգով, որ իրեն կը ծառայէր իբրեւ անշեղ կողմնացոյց: Կ՛ապաւինէր անոր իր դատողութեան մէջ եւ զայն կը նկատէր իբրեւ հիմնական շաղախը` իր յարաբերութիւններուն մէջ:

Այս մէկը այնքան պարզ ու յստակ էր իրեն համար, որ երբեմն «նախանձով» կը վկայէի անոր արտացոլման` իր արժեւորումներուն, խօսքերուն եւ անզուգական կազմակերպուածութեան մէջ: Կը նախանձէի, որովհետեւ գիտէի, որ երբեք պիտի չկարենայի նուաճել երէց ընկերոջս նուաճած այդ բարձունքը: Բարձունք մը, որ մեր կուսակցական կեանքին մէջ կարելի է նուաճել հինի եւ նորի պարկեշտ ու ազնիւ շփումով, հարազատ սերնդափոխութեան թելադրած իմաստութեամբ ու անկեղծ յարաբերութիւններու աւանդած պատգամով:

Արժէքներ, որոնք այսօր, աւա՜ղ, կը գտնուին կորուստի սպառնալիքին առջեւ: Արժէքներ, որոնք կայացած են Վահէին պէս ընկերներու մէջ, որոնք, աւա՜ղ, կը մեկնին անոնց հետ: Յոյսի միակ նշոյլը Վահէներու մարմնաւորած այդ արժեհամակարգի առօրեայ իմաստաւորումն է մեզմէ անոնց համար, որոնք տակաւին աշխատանքի վրայ են այս աշխարհին մէջ:

Ա՛յդ դաշնակցականներէն էր Վահէն:

Իր տեսակը արդէն սկսած է դառնալ մեր յուշերուն մէջ ապաստան գտած երեւոյթ եւ միայն որոշ թաղամասերու մէջ եւ քարքարոտ լեռներու վրայ տրոփող սիրտ: Այդ սիրտերէն մէկն էր, որ դադրեցաւ տրոփելէ, սակայն այդ նոյն սիրտն է նաեւ, որ բազմաթիւ այլ անտրոփ սիրտերու կողքին, մեզ յանձնառու պիտի պահէ` շարունակելու մեր գործը, դաշնակցական այդ մարդու ա՛յդ տեսլականով:

Վերջին երեքուկէս տարիներու ընթացքին Վահէին հետ կապս գրեթէ ամէնօրեայ էր: Մէջս ձգած իր բացը կը զգամ ամէն օր եւ կրնամ երեւակայել, թէ որքա՛ն մեծ է այն անդունդը իր հարազատներուն եւ տասնամեակներու իր ընկերներուն մէջ:

Հարցումներուս տարափին մէջ, որոնց սիրելի ընկերս ամենայն համբերատարութեամբ մէկ առ մէկ կը պատասխանէր, մէկ հարցում մնաց անպատասխան: Խորքին մէջ… պատասխանեց, սակայն մինչեւ պատասխանը կարդալս` ստացայ իր մահուան ահաւոր բօթը: Այդ պատասխանը իր անունին տակ կը մնայ թաքուն` What՛sApp-ի իմ «թեքսթ»-երուս մէջ: Տակաւին չեմ հաւաքած ուժը զայն բանալու եւ կարդալու: Թերեւս օր մը…

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկերս:

ՎԻԳԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

2 սեպտեմբեր 2018
Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա

 

 

Ակնարկ. Թրքական Շեղումներ` Մոսկուա –Անգարա –Թեհրան Առանցքէն

$
0
0

Միջազգային քաղաքականութեան մէջ ընդհանրապէս ընկալեալ օրինաչափութիւն է, որ տուեալ երկրի առաջին դիւանագէտը կը տարբերի իր հռետորութեամբ, յայտարարութիւններու ընթացքին օգտագործած պատուհան բաց ձգող ըսելաձեւերով, յաճախ երկիմաստ կամ բազմիմաստ ուղերձ փոխանցող հրապարակումով: Յաճախ ալ կը նկատուի դերերու բաշխում, երբ այս կամ այն երկրի գործադիր առաջին դէմքը կարծր յայտարարութեամբ կամ կամուրջ քանդող խօսքով հանդէս կու գայ, զուգահեռ կամուրջ վերահաստատող յայտարարութիւն կը հրապարակէ արտաքին գործոց նախարարը:

Թուրքիոյ պարագային միջազգային այս օրինաչափութիւնը տեղ-տեղ եւ շատ յաճախ չէր աշխատեր, եւ Էրտողան – Չաւուշօղլու յայտարարութիւններուն շեշտերը, կարծր առանցքները կամ ընդհանրապէս հռետորաբանութիւնը կը նոյնանային:

Յայտնապէս դժուար էր Թուրքիոյ նախագահին յոխորտանքները մեղմացնելը կամ այնպիսի յայտարարութիւն ընելը, որ կամուրջներ վերահաստատելու նախադրեալներ կարենար փոխանցել:

Այս բոլորով հանդերձ, քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ նոյնինքն կամուրջ քանդողը կրնայ կտրուկ շրջադարձով կամուրջ վերահաստատել, եւ ցնցումային յետքայլերը այս պարագային կրնան ընկալուիլ միեւնոյն օրինաչափութեամբ:

Սակայն այս պարագային Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան մէջ ապահովաբար դերերու բաշխումով տեսանելի կը դառնան շրջադարձային պետական մօտեցումներ:

Այսպէս. Ռուսիոյ հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները չեն կրնար որեւէ ձեւով այլընտրանք հանդիսանալ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ եղած յարաբերութիւններուն», յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:

Ան նշած է, թէ Թուրքիան կ՛ուզէ հարթել Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները եւ վստահ է, որ որեւէ հարց կարելի է լուծել միայն երկխօսութեան ճամբով:

Չաւուշօղլուի այս ետդարձը ո՛չ միայն կապ չունի Ուաշինկթընի ուղղուած Թուրքիոյ նախագահին ոճին հետ, այլ ուղղակի կը շրջէ անոր սպառնական բովանդակութիւնը: Այստեղ արդէն ուղերձը թէ՛ Մոսկուային եւ թէ՛ Ուաշինկթընին է: Մոսկուայինը` գուցէ Իտլիպի վրայ թրքական վերահսկողութիւնը կորսնցնելու հաւանականութեան դիմաց:

Որոշակի տարբերութիւն գոյութիւն ունի Եւրոպական Միութեան ուղղութեամբ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին տրուած էր պարտականութիւն նաեւ դէպի Եւրոպական Միութիւն մեղմելու իր նախագահին կողմէ կատարուած հրապարակային սպառնալիքները: Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը պարզապէս կը հաստատէր, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը Թուրքիոյ համար կը նկատուի առաջնահերթութիւն:

Բանակցութիւններու ապասառեցման դիմում-առաջարկի համազօր յայտարարութիւն է պաշտօնական Անգարայի կատարածը: Այս անգամ առաջին հակազդեցութիւնը եկած է Փարիզէն. նախագահ Մաքրոն ըսած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները հակաեւրոպական ու համաիսլամական քաղաքականութիւն որդեգրած են, եւ այս պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցիլը իմաստ չունի:

Պաշտօնական Անգարայի արձագանգը չէ ուշացած: Թրքական կողմը խոր ափսոսանք յայտնած է Մաքրոնի խօսքերուն առնչութեամբ ու յիշեցուցած, որ Թուրքիան Եւրոպական Միութեան հետ բազմակողմանի համագործակցութեան մէջ է թէ՛ ահաբեկչութեան, թէ՛ գաղթականներու ճգնաժամին դէմ պայքարի ծիրին մէջ:

Արձագանգը ափսոսանքէն աւելի ըստ էութեան շանթաժի ուղերձ կը ներառէ: Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններու ապասառեցումը եթէ տեղի չունենայ, ապա ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ գաղթականներու հակաճգնաժամային գործողութիւններուն առումով Եւրոպական Միութեան հետ Անգարայի համագործակցութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դառնայ:

Կամուրջներ վերահաստատելու քաղաքականութեան մէջ առայժմ տարբերութիւն կ՛երեւի դէպի Ուաշինկթըն եւ դէպի Պրիւքսել Անգարայի սկսած նոր խուսանաւումներուն մէջ: Յատկապէս դէպի Եւրոպական Միութիւն Անգարայի ուղերձին սպառնական բովանդակութիւնը առկայ է:

Մոսկուայի եւ Թեհրանի առընթեր ինքնադասակարգուած Անգարան, իր թէկուզ դիւանագիտական շանթաժային ըսելաձեւերով Մոսկուա-Անգարա-Թեհրան ռազմավարական առանցքէն շեղումներ կը դրսեւորէ: Այդ շեղումի շարժառիթներէն բաժին մը կրնայ կապուած ըլլալ սուրիական հանգուցալուծման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ առաջադրանքներու շրջանցումներուն հետ: Իտլիպի ճակատագիրը այդ առումով կրնայ ցուցանշային ըլլալ:

«Ա.»

Ուխտի Ճանապարհներ. Այց Կոմիտասի Անուան Պանթէոնին (Ա)

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Պանթէոնի Առաջին Բնակիչի
Արձանի Շիրիմին Մօտ

Հայրենիք կ՛այցելեմ կրկին: Առաւօտուն մայրաքաղաքի Արշակունեաց պողոտային կից Կոմիտասի անունը կրող զբօսայգի-գերեզմանատան մէջն եմ: Հոս, իրենց վերջին հանգրուանը գտած են մեր մշակոյթի, գրականութեան եւ արուեստի մեծանուն ներկայացուցիչներ եւ անուանի հասարակական-քաղաքական գործիչներ:

Պատմեցին, որ մինչեւ 1930 թուականի կէսերը զբօսայգին «Մլեր» անուամբ գերեզմանատուն էր` իր մատուռով, որմէ այսօր պահպանուած կը մնայ միայն կրաշաղախ պարիսպի մը հատուածը: Անցեալին, Երեւանի քաղաքային խորհուրդի գործադիր կոմիտէի որոշմամբ, կը փակուի եւ տեղը` ամայի տարածքին մէջ կը հիմնադրուի զբօսայգի մը, որմէ անկիւն մը Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի առաջին քարտուղար Աղասի Խանջեանի նախաձեռնութեամբ կը վերածուի արուեստի գործիչներու գերեզմանատան: 1936-ին, Կոմիտասի մահէն տարի մը անց Փարիզէն հոս կը տեղափոխուի մեծ երգահանին աճիւնը:

Այնուհետեւ իրենց վերջին հանգրուանը գտած են մեր մշակոյթի` գրականութեան, արուեստի մեծանուն ներկայացուցիչներ եւ անուանի հասարակական- քաղաքական գործիչներ: Պատմեցին նաեւ, որ 1969-ին, Ստեփան եւ Սուզան Քուրքճեաններու հովանաւորութեամբ, կառուցուած են տուֆակերտ, քանդակազարդ հիւսիսային պատն ու միջնապատը: Իսկ հիմնական նորոգութիւնը կատարուած է 2005 թուականին: Հետաքրքրուած ըլլալով օրին պանթէոն յունարէն այս բառին իմաստով` տեղեակ էի, որ ան կը նշանակէ բոլոր աստուածներու սրբավայր, եւ ապա անունը փոխանցուած է Հռոմի աստուածներուն նուիրուած տաճարի անուանումին:

Խորին յարգանքով ու յուզմունքով կը տողանցեմ մեր ազգի հսկայ տիտաններու աճիւնները ամփոփող տապանակիր գերեզմաններու երկար շարաններուն մէջ` կանգ առնելով ու խոնարհելով մէկ-մէկ ի յարգանք ու յերախտագիտութիւն մեր մշակոյթին ու ժողովուրդին պարծանք ու պատիւ պարգեւած իրենց գործած ասպարէզին մէջ: «Իր ընտիր մեռելների պաշտամունքը չունեցող ժողովուրդը` ապերախտ ու բարբարոս, անարժան է անկախ հայրենիքի, որը միշտ էլ նահատակների սրբազան աճիւնից կը բարձրանայ», ըսած է Գարեգին Նժդեհ:

Կանգ առնելով պանթէոնի առաջին բնակիչին` անմահն Կոմիտասի շիրիմին մօտ, վերյիշեցի մանուկ եւ պատանի տարիներուս մեր տան հայ երգերը, մօրս` Վարդանուշ Մալխասեանի, Կիպրոսի Մելգոնեանի առաջին շրջանաւարտներէն, որ ուսուցիչ ունեցած էր Կոմիտասի սան Բարսեղ Կանաչեանը, որուն ստեղծագործութիւնները մեր ազգային եղանակներով մեր տան մէջ կը «բուրէին»: Ապա յայտնաբերածս` հայ երաժիշտներէն առաջինը, ազգային արուեստի ինքնատպութեան յուսալի ակունքները եւ հայ գեղջուկի ստեղծագործութիւնը բնորոշող` որպէս ազգի հոգեւոր հարստութիւններու շտեմարան: Այդ ճանապարհով  մեր ազգային ոճի բարձր չափանիշներ կերտողը:

Այցելութենէս քանի մը տարի վերջ տեղեկացայ, որ  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 30 մայիս 2013-ի որոշումով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովը Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ կառուցուած Կոմիտասի թանգարան-ուսումնարանի բացումը կատարած է, որ իրօք կարեւոր իրադարձութիւն է մեր երկրին ու մեր ժողովուրդին համար:

 

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ Սեւրի Դաշնագիրի Ստորագրութեան Լուրը Ինչպէ՞ս Կը Հասնի Հայաստան Եւ` Պոլսոյ Համազգային Ժողովին Ողջոյնը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան մասին Աւետիս Ահարոնեանին յղած հեռագիր-լուրը, ըստ երեւոյթին, նախ կը հասնի Հայաստանի Կոստանդնուպոլսոյ դեսպանատուն, ուր դեսպան (Ֆ.) Թահթաճեանը իր կարգին հեռագիրին բովանդակութիւնը կը յղէ Հայաստանի Թիֆլիսի դեսպանատուն, որպէսզի ի վերջոյ այնտեղէն հեռագիրով հասնի Երեւան: Ըստ երեւոյթին, կարելի չէր Սեւրէն Երեւան կամ Թիֆլիս հեռագիր ղրկել:

Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան լուրը Հայաստանի մամուլին մէջ կը տեսնենք 11 օր ետք` 21 օգոստոս 1920-ին, թէեւ անկէ երկու օր առաջ` 19 օգոստոսին «Միացեալ Հայաստանի անկախութեան» ժողովրդային փառաշուք տօնակատարութիւնը արդէն տեղի կ՛ունենայ Երեւանի մէջ, որուն լրատուութիւնը նաեւ կը կարդանք «Յառաջ»-ի նոյն համարին մէջ: ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յառաջ»-ի 21 օգոստոս 1920-ի թիւով կը հրատարակուի լուրը. «ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ` ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ» խորագիրով: Ստորեւ լրատուութիւնը` արեւմտահայերէնի վերածուած (1).

«Պոլսոյ մեր դիւանագիտական ներկայացուցիչ Գ. Թահթաճեանէն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին անունով ամսոյս 12-ին (12 օգոստոս 1920) ստացուած է հետեւեալ աւետաբեր հեռագիրը.

«Ձերդ վսեմութիւն, կը շտապեմ հաղորդել ձեզի այն հեռագիրի բովանդակութիւնը, որ ստացայ Փարիզի մեր պատուիրակութենէն, երէկ (10 օգոստոս 1920).

«Միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը նուիրագործող դաշնագիրը այսօր` օգոստոս 10-ին ստորագրեցի Սեւրի մէջ, դաշնակիցներուն հետ միասին:

«Այս փաստին վճիռը, որ կը ճանչնայ հայ ժողովուրդին ազատութիւնը, հրճուանքով կը լեցնէ մեր սիրտերը եւ կաթոգին երախտագիտութեամբ` բոլորին հանդէպ, որոնք փառքով ինկան հայրենիքին համար:

«Խնդրեմ` այս հեռագիրին մասին հաղորդել Թիֆլիս (դիւանագիտական ներկայացուցիչ Տիգրան) Բէգզադեանին` հասցնելու համար Երեւան, եւ պատճէնը հայկական ազգային իշխանութիւններուն` Պոլիս:

(Աւետիս) Ահարոնեան»

Խորին հրճուանքով  ձերդ վսեմութեան կը հաղորդեմ այս լուրը:

Յարգանօք` (Տիգրան) Բէգզադեան»:

Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան լուրը` «Յառաջ» 21-8-1920:

Յատկանշական է այս առիթով Թուրքիոյ հայկական համայնքին յղած հետեւեալ շնորհաւորական նամակը: 3 հոկտեմբեր 1920-ի թիւով «Յառաջ» կը հրատարակէ «Պոլսոյ Համազգային ժողովի ողջոյնը» Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան առիթով (2).

«Վսեմաշուք պ. Համօ Օհանջանեան, վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան,

«Հայաստանի Հանրապետութեան Կոստանդնուպոլսոյ ներկայացուցիչ պ. Ֆ. Թահթաճեանի միջոցով ծանօթացած ըլլալով պ. Աւետիս Ահարոնեանի հեռագիրին, որ կ՛աւետէր օգոստոս 10-ին Սեւրի մէջ Թուրքիոյ (վերաբերեալ) դաշնագիրը ստորագրուած ըլլալը, Համազգային ժողովը սրտագին կը շնորհաւորէ հանրապետութեան կառավարութիւնդ այս բարեբաստիկ իրողութեան առթիւ:

«Սեւրի դաշնագիրը, որ Հայաստանի ներկայացուցիչը կը ստորագրէր իբրեւ անկախ եւ աշխարհի հզօրներու դաշնակից պետութիւն, միջազգային նուիրագործումն էր հայ ժողովուրդին դարաւոր բաղձանքին` Հայաստանի անկախութեան:

«Թէեւ Սեւրի դաշնագիրը չ՛իրագործեր մեր ազգային բոլոր բաղձանքները, սակայն անիկա առաջին հանգրուանն է դէպի հայ ժողովուրդին մեծ իտէալը, որուն անվրէպ պիտի հասնի` շնորհիւ աննկուն կամքին եւ անփոխարինելի կորովին, որ արդէն ցոյց տուաւ ազատութիւնը կորզելու համար իր երկար ջանքերուն տեւողութեան:

«Այդ կամքը եւ կորովը Համազգային ժողովը կը յուսայ, որ զօրավիգը եւ ուժը պիտի ըլլայ Հայաստանի կառավարութեան` դաշնագիրով իրեն խոստացուած իրաւունքները իրագործելու եւ գրաւելու համար այն նահանգները, որոնք դաշնագիրով հայ հանրապետութեան կը կցուէին:

«Համազգային ժողովը կը մաղթէ, որ այսպէս դաշնագիրը իրագործուելէ ետք, Հայաստանի կառավարութիւնը կատարելապէս յաջողի ազատագրութեան պայքարին մէջ` խորապէս վիրաւոր հայութիւնը վերականգնելու եւ աւերուած հայրենիքը վերաշինելու եւ կենսունակ գործունէութեամբ իրագործելու հայ ազգին բոլոր բաղձանքները:

«Համազգային ժողովը լիայոյս է հայ հանրապետութեան ապագային վրայ եւ կը հաւատայ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ամէն կարելին պիտի ընէ արդարացնելու համար թէ՛ ազգին եւ թէ՛ օտարներուն կողմէ իր վրայ դրուած յոյսերը:

«Մաղթելով ամէն յաջողութիւն ձեր ձեռնարկներուն եւ գործերուն,
Մնանք խորին յարգանքներով`
Պատրիարք Հայոց`
Զաւէն Արքեպիսկոպոս
Ազգապետ աւետարանականներու`
Մեսրոպ Պեզճեան
Պատրիարքի տեղակալ հայ կաթողիկէներու`
Արժ. Սայեղեան»:

Պոլսոյ Համազգային ժողովի ողջոյնը Հայաստանի կառավարութեան` Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան առիթով, «Յառաջ» 3-10-1920:

25 օգոստոս 2018

————————–

(1) «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 178, 21 օգոստոս 1920, էջ 2:
(2) «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 215, 3 հոկտեմբեր 1920, էջ 3:

 

Յետյեղափոխութեան Երկրորդ Փուլի Ազդանշաններով…

$
0
0

ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Զ) Արտաքին քաղաքականութիւն եւ արցախեան հիմնահարց

Նոր իշխանութիւնը իր կազմաւորման մեկնարկէն իսկ քանիցս արձանագրեց, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ կտրուկ շրջադարձեր բացառուած են: Այսուհանդերձ, այս ոլորտին մէջ ձեւաւորուած հաւասարակշռութեանց բովանդակային սեփական լիցք հաղորդելու թիրախաւորումը ընդգծուեցաւ ինքնիշխան պետութեան վայե՛լ հաստատակամութեամբ` տարբեր ուղերձներու եւ դիւանագիտական շփումներու ընթացքին: Դիւանագիտական յարաբերակարգի այս ուղենիշն ու գործելակերպը անհրաժեշտութիւն էին այլեւս` արտաքին քաղաքականութեան խցանուած շնչերակները բանալու ուղղութեամբ:

Պէտք է հաստատել, որ դիւանագիտական գրեթէ նախապաշարեալ եւ կծկուած նախկին պահուածքն ու գործելակերպը նոյնիսկ արտաքին քաղաքականութեան տարընթերցումներու եւ վիժումներու առաջնորդած էին:

Տարածաշրջանային եւ բեւեռային այս հաւասարակշռութեան մէջ, արտաքին քաղաքական հնարաւորութիւններու որոնման մրցավազքով Հայաստանը իր աշխուժութեամբ պէտք չէ զիջի Ազրպէյճանին:

Գործելակերպի այս փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ միջպետական, դաշնակցային թէ գործընկերային յարաբերակարգի հարթակի վրայ նախաձեռնող բովանդակութեամբ ներկայանալու ա՛յս պարունակին մէջ պէտք է տեղադրել վարչապետին Մոսկուա, Թիֆլիս եւ Պրիւքսել կատարած շրջայցերն ու տարբեր աշխատանքային հանդիպումները` իրենց յղած պատգամներով:

Թէ՛ Պրիւքսելին եւ թէ՛ ալ Ռուսաստանին յղուած իր ուղերձներով Հայաստանը դաշնակցային եւ համագործակցական իր յարաբերութեանց օրակարգը կը տեղադրէր Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան գծով յանձնառու երաշխաւորումներ հաստատագրելու շրջածիրէն ներս:

Այսպէս, մէկ կողմէ, ի տես նախիջեւանեան հատուածի եւ արցախեան առաջնագիծերու ազերիական տեղաշարժերուն ու աշխուժութեան, պաշտօնական Երեւանը կը յուշէր Մոսկուայի տարածաշրջանային անվտանգութեան պահպանման իր լծակներուն բանեցման Հայաստանի դաշնակցային ակնկալութիւնն ու պահանջը:

Միւս կողմէ` Պրիւքսելը կը հրաւիրուէր յանձնառու յենարանով` Հայաստանի ժողովրդավարական առաջընթացը պաշտպանելու Ազրպէյճանի ամբողջատիրական քաղաքակրթութեան նկրտումներէն:

Համարձակ նկատուող այս ուղերձներով Հայաստանը մէկ անգամ ընդմիշտ հաստատակամ կը թուի ըլլալ արտաքին յարաբերութեանց ոլորտին մէջ, միակողմանի օրակարգեր ընկալելու աւանդութեան էջը փակելով` ազգային շահերու իր առաջադրանքները յստակ բանաձեւելու:

Հայաստանը աշխարհաքաղաքական ի՛ր տեղը կանգնեցնելու, բացառապէս ազգային շահերով եւ հայկական արեւելումով առաջնորդուելու վարչապետին յայտարարած արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգը կարեւոր մեկնակէտ մը նշանակած է արդէն: Այս մէկը ցարդ կիրարկուած բազմավեքթըր քաղաքականութեան աշխարհաքաղաքական բախումներէ խուսափելու նպատակադրումէն անդին` ազգային հեռահար եւ առաւե՛լ նախաձեռնողական ուղեգիծի մը որդեգրման հիմնարկէքին պէտք է վերածել:

Տարածաշրջանի ձեւաւորուած աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան մէջ որակական տեղ պահելու եւ դեր վերցնելու դիւանագիտական յարաճուն ջանադրութեան մէջ միա՛յն կարելի է ապահովել Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ազգային շահերը, յատկապէս` արցախեան հիմնահարցի լուծման ուղղութեամբ: Այլապէս, նոյնինքն հաւասարակշռութիւնը, ինչ-որ պահու մը միջբեւեռային անհրաժեշտութեամբ ու անոր համընկնող շահերու ազդեցութեան տակ, հայկական գործօնի բացակայութեան պայմաններով` կրնայ հայավնաս գործընթաց մը թոյլատրել:

Արցախեան հիմնահարցի ուղղութեամբ, վարչապետին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան բանակցային կողմի հիմնական հասցէատէր ըլլալու հանգամանքին շեշտադրումը` հետագայ հաւանական ճնշումները ցրուելու եւ խուսանաւումի դիտաւորութեան պարզունակ պարունակէն դո՛ւրս, բանակցային օրակարգը ինքնորոշման իրաւունքի գերակայութեա՛մբ հաստատագրելու ուղեգիծ մը կը նպատակադրէ: Այս շեշտադրումին զուգահեռ, վարչապետը Արցախ կատարած իր պարբերական այցելութեամբ, աշխատանքային ու պաշտօնական հանդիպումներով եւ իր կատարած յայտարարութիւններով կը յուշէ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորի Հայաստանի անզիջող յանձնառութիւնը: Բանակցային պատրաստակամութեան կողքին, վարչապետը Ազրպէյճանի յարձակողական արկածախնդրութեան դիմաց Հայաստանի ջախջախիչ հակահարուածի ազդարարութենէն չվարանեցաւ:

Զոյգ շեշտադրումները ապահովագրող եւ անշրջելի փոխլրացման տանող իրաւաքաղաքական քայլը` ԱՀ-ՀՀ ռազմավարական դաշինքի մը հաստատագրման ՀՅԴ-ի առաջադրանքն է, որ ոչ միայն բանակցային սեղանին վրայ հայկական զոյգ կողմերուն սահմանագիծերը կ’ամրացնէ, այլեւ ազերիական ռազմատենչութեան մէկ կարեւոր զսպանակը կը հանդիսանայ:

Նման իրաւաքաղաքական քայլի մը ժամանակը տակաւին չէ սպառած եւ իր ռազմավարական ու դիւանագիտական հիմնաւորումները կը պահէ:

Է) Տնտեսական-ընկերային եւ ժողովրդագրական բարեշրջման կնճռոտ ուղին

Կառավարութեան հարիւր օրուան գործունէութեան ամփոփումով պարզուած տնտեսական ցուցանիշները խրախուսիչ են եւ բարեբեր ենթահող մը յառաջացնելու տուեալներ կը պարփակեն:

Եռամսեակի տնտեսական աճը շարունակականութեան եւ երկնիշ ոստումի միտումներ ունի: Մաքսային դիւանակալութեան պարզեցումն ու յստակացումը, տնտեսական ստուերը օրինական դաշտ մղելու ճիգը, մենաշնորհներու վերացման հետեւողականութիւնը, փտածութեան դէմ պայքարի քաղաքական կամքը, ինչպէս նաեւ ներդրումներու խթանման եւ ձեռնարկատիրական-արտադրական կարողականութեանց քաջալերման քաղաքականութիւնը անշրջելի՛ թափ հաւաքած կը թուին ըլլալ:

Տնտեսական աճը ժողովրդային շերտերու վրայ թարգմանելու եւ ընկերային ուղղուածութեամբ, աճի եկամուտը վերաբաշխելու պատրաստակամութիւնը նոր յոյս կը ներշնչէ:

Տնտեսական աճի ներկայ մոտելը ներառական համակարգով մը փոխակերպելու վարչապետին պարզած գաղափարները բարգաւաճ տնտեսութեան մը ուղին կ’ուրուագծեն:

Պետութեան կողմէ հաւասար առիթներու, մենաշնորհները կանխող ազատ մրցակցային դաշտի, ինչպէս նաեւ ենթակառուցուածքներու յառաջացման յանձնառութեամբ, տնտեսութեան մասնակցային միաւորներու բազմապատկման գրաւը իբրեւ ուղենի՛շ կ’որդեգրուի: Այս առումով, վարչապետը հասարակութենէն կ’ակնկալէ եւ կը պահանջէ տնտեսութեան հետ վերաբերելու ժխտական կամ կրաւորական մշակոյթի կտրո՛ւկ փոփոխութիւն: Մէկ խօսքով` տնտեսական մտայնութեան փոփոխութի՛ւն, որ կ’ենթադրէ աշխատունակութիւն եւ նախաձեռնողականութիւն, ինչպէս նաեւ` տնտեսական-աշխատանքային հմտութեանց յայտնաբերում եւ ինքնազարգացում: Այսպիսով, վարչապետը տնտեսապէս նպաստընկալ ու կրաւորական հասարակութեան դէպի աշխատունակ ու նախաձեռնող հասարակութիւն անցումը կը խրախուսէ:

Աղքատութեան 30%-ի սահմանագիծը հատած տնտեսութեան մը մէջ ենթակայական ուժերու եւ ձգտումներու շարժը իսկապէ՛ս որ անհրաժեշտ է: Սակայն, վերոնշեալ պայմանաւորումներէն անկախ, անիկա կը կարօտի նաեւ ընկերային ուղղուածութեամբ բնորոշուող խթաններու, ինչպէս` ցած տոկոսներով վարկերու հասանելիութեան ապահովում եւ նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում` սպառողական նուազագոյն պիւտճէի համեմատ: Այս ուղղութեամբ, յատուկ ուշադրութեան առարկայ պէտք է դառնան տարածքային համաչափ զարգացման ծրագիրները, պետութեան հարկային քաղաքականութեան եւ օրէնսդրական վերամշակումները, յատկապէս` եկամտահարկի յառաջատուական դրոյթի հաստատման վճռակամութեամբ…

Վարչապետին կողմէ ներկայացուեցաւ նաեւ տնտեսական առաջընթացի կառուցուածքի կառավարութեան պատկերացումը: Սոյն յատակագիծին յատկորոշող մօտեցումը` հանքարդիւնաբերութենէն տնտեսական աճի կախուածութիւնը թեքելն է` բազմաճիւղ այլ ոլորտներու ուղղութեամբ: Ոլորտներ, որոնք Հայաստանի աշխարհագրական, բնութեան, աշխատուժի, ինչպէս նաեւ առողջապահական-գիտակրթական-քաղաքակրթական եւ այլ «դրամագլուխի» կարելիութիւններէն կը բխին: Միւս կողմէ` երկրի ժողովրդագրական պատկերի ամրագրման եւ, ինչո՞ւ չէ, նաե՛ւ բարեշրջման ծրագրաւորումները թափ կը հաւաքեն ծնելիութեան մակարդակի բարձրացման խթանումով, դէպի գիւղ հոգատար սեւեռումով, ինչպէս նաեւ` հայրենադարձութեան թիրախային քաղաքականութեան մը սաղմնաւորումով:

Արդարեւ, տնտեսական առաջընթացի այս կառուցուածքը հիմնաւորուած եւ քաշողական յատակագիծով մը կը ներկայանայ: Այսուհանդերձ, անոր ճարտարապետութիւնը բծախնդիր, հետեւողական եւ երկարաշունչ քաղաքականութեան մը կը կարօտի: Քաղաքականութիւն մը, որ Հայաստանի տնտեսական շէնքին ժողովրդագրական ու ընկերային ներդաշնակ հիւսուածքն ու շաղախը չի զլանար հայթայթելու անոր ամէ՛ն մէկ սիւնին ու ամէ՛ն մէկ պատին…

18-28 օգոստոս  2018
«Դրօշակ»

(Շար. 3 եւ վերջ)


Մի՛ Փորձէք

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Վերջին 128 տարիներուն ընթացքին քիչ չեն եղած այն մարդիկը, որոնք Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը նկատած են դաւաճան կուսակցութիւն. անոնցմէ շատեր փորձած են նոյնիսկ հայ ժողովուրդի գլխուն եկած բոլոր դժբախտութիւնները վերագրել Դաշնակցութեան:

Դժբախտաբար այսօր ալ կան անձեր, որոնք կը յամառին քննադատել մեր ազգային զարթօնքը կերտած այս կուսակցութիւնը: Փաստն այն է, որ վերջերս հակադաշնակցական պայքարը, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռք, կը թուի թափ ստացած ըլլալ:

Հակադաշնակցական պայքարին ծաւալման գլխաւոր մեղաւորը հաւանաբար նոյնինքն Դաշնակցութիւնն է, որ երբեք չէ կրցած ինքզինք բացատրել, որովհետեւ դժուար է բացատրել Դաշնակցութիւնն ու դաշնակցականութիւնը,  որովհետեւ` դժուար է հասկնալ զանոնք,  որովհետեւ` Դաշնակցութիւնը միշտ հաւատացած է, որ բացատրելու որեւէ փորձ պիտի ծառայէ Դաշնակցութիւնը նսեմացնելու, որովհետեւ` Դաշնակցութիւնը անանձնական զգացում է եւ ապրում:

Որպէսզի սխալ չմեկնաբանուինք, ըսենք, որ չենք ուզեր Դաշնակցութեան դէմ խօսողները կամ գրողները բոլորն ալ համարել հակադաշնակցականներ: Այդ պատճառով ալ Դաշնակցութեան գործունէութիւնն ու գաղափարախօսութիւնը քննադատողները պիտի բաժնենք երեք խումբերու:

Առաջին Խումբ

Անկասկած որ այս խումբին մէջ կան մարդիկ, որոնք նոյնիսկ մօտ են Դաշնակցութեան եւ կը բաժնեն անոր գաղափարախօսութիւնը, սակայն իրենց ակնոցով դիտուած` Դաշնակցութեան գործած սխալները քաղաքավարի ու կառուցողական ոճով, բանաւոր թէ գրաւոր ձեւով, կ՛ուզեն մեր ուշադրութեան յանձնել, ինչ որ ընդունելի եւ ողջունելի է:

Երկրորդ Խումբ

Ինչպէս միշտ ալ եղած են, կան նաեւ մարդիկ, որոնք իրենց տգիտութեան եւ պարզապէս ուրիշներէն տարբեր ըլլալու ախտէն վարակուած` իրենք զիրենք նետած են հակադաշնակցական պայքարի դաշտը եւ յաճախ հանդէս կու գան երեւակայական եւ քիչ մըն ալ մանկական ձաբռտուքներով: Այս տեսակի մարդիկ ոչ մէկ ձեւով կրնան ազդեցութիւն ունենալ Դաշնակցութեան գործունէութեան վրայ, այդ ըլլայ դրական կամ ժխտական, եւ ժամանակի ընթացքին, կամ դաստիարակուելով, կը փոխեն իրենց կարծիքը կամ պարզապէս կը չքանան:

Երրորդ Խումբ

Այս խումբը կը բաղկանայ այն մարդոցմէ, որոնք թուրքերէ, համայնավարներէ եւ ապազգային բոլոր ուժերէ ժառանգաբար ստանձնած են հակադաշնակցական ըլլալու

պարտականութիւնը: Անոնք կը թուին երդուած ըլլալ, որ ի՛նչ ալ ըլլան պարագաները, իրենք պիտի մնան հակադաշնակցական: Այս խումբին պատկանող մարդիկ առիթը չեն փախցներ իրենց մաղձը թափելու Դաշնակցութեան հասցէին այնքան մը, որ մարդ կը սկսի մտածելու, որ եթէ Դաշնակցութիւն չըլլար, ի՞նչ պիտի ընէին անոնք, ինչպէ՞ս պիտի ապրէին, ի՞նչ պիտի ըլլար անոնց գոյութեան իմաստը:

Անոնք, գիտնալով հանդերձ պատմական, մօտիկ անցեալի եւ ներկայի փաստերը, տգիտութեան պատմուճանը հագած, խեղաթիւրելով անցեալն ու ներկան` կը գրեն եւ կը խօսին Դաշնակցութեան մասին` առանց անդրադառնալու, որ այդ ընելով` աւելի կը զօրացնեն Դաշնակցութիւնը:

Հետեւաբար մեր խօսքը ուղղելով բոլոր հակադաշնակցականներուն` հարց տանք. բնաւ մտածա՞ծ էք, որ եթէ Դաշնակցութիւնը չըլլար մեր պատմութեան վերջին 128 տարիներուն ընթացքին, ի՞նչ կրնար ըլլալ հայութեան վիճակը,  ի՞նչ կրնար ըլլալ արեւմտահայութեան վիճակը, ի՞նչ կրնար ըլլալ սփիւռքի վիճակը, ի՞նչ կրնար ըլլալ Հայ դատի պահանջատիրութեան պայքարին վիճակը, ի՞նչ կրնար ըլլալ 1918-ին Հայաստանի վիճակը, ի՞նչ կրնար ըլլալ Արցախի ազատագրական պայքարին վիճակը: Բնաւ հարցուցա՞ծ էք դուք, թէ կա՞յ ուրիշ կուսակցութիւն, որ մինչեւ օրս կը պահէ մեր հայրենիքի սահմանները պաշտպանող կամաւորներու գումարտակ: Տեղեա՞կ էք, որ արցախեան ազատամարտին ընթացքին Հայաստանի դաշնակցական շարքայիններուն 10-էն 1-ը, իսկ Արցախի դաշնակցական շարքայիններուն 4-էն 1-ը զոհուած է:

Ուստի, թող ոչ ոք փորձէ Դաշնակցութիւնը նմանցնել ուրիշին: Ոչ ոք թող փորձէ Դաշնակցութիւնը նսեմացնել: Դժուար է Դաշնակցութիւնը վերացնել մեր ազգային կեանքէն, որովհետեւ անիկա իր ծնունդէն ի վեր է՛ ու կը մնայ մեր ժողովուրդին անքակտելի մասնիկը: Սերտեցէ՛ք պատմութիւնը եւ պիտի տեսնէք, թէ բոլոր անոնք, որոնք փորձած են, չկան այսօր:

Վերջացնելով` մէջբերենք Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմի խօսքը Դաշնակցութեան մասին.

«Ես ինչպէ՞ս բացատրեմ անբացատրելի մի բան: Դաշնակցութիւնը կարելի չէ բացատրել, բացատրելու ամէն մի փորձ փոքրացնում է Դաշնակցութիւնը: Դաշնակցութիւնը կարելի է եւ պէտք է զգալ միայն: Զգալ, ապրել եւ հաւատալ: Մարդ հաւատում է Աստծու, բայց չի կարողանում ասել, թէ ի՛նչ է Աստուած»:

 

 

 

«Ակօս»-ի Հարցազրոյցը Առատ Տինքին Հետ «Բայց Ի՛նչ Որ Ըլլայ, Մենք Պիտի Շարունակենք Հոն Ըլլալ, Կողք-Կողքի Ըլլալ»

$
0
0
«Բայց Ի՛նչ Որ Ըլլայ, Մենք Պիտի Շարունակենք Հոն Ըլլալ, Կողք-Կողքի Ըլլալ»

Վարեց` ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

«Շաբաթօրեայ մայրեր»-ու 700-րդ մէկտեղումը մարդու իրաւունքներու արժէք ընծայող բոլորին համար կարեւոր դէպք մըն էր: Սակայն անակնկալ որոշումով մը ներքին գործոց նախարարութիւնը արգիլեց ցոյցը: Այդ խառնակութեան մէջ 47 անձեր բերման ենթարկուեցան, ապա ներքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը կրկին անգամ գրգռեց արդարութիւն պահանջելու համար հաւաքուողները: Սոյն միջադէպին առիթով «Ակօս»-ը ցոյցին մասնակցող Հրանդ Տինքի որդիին` Առատ Տինքին հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ.- Դուք այս բոլորը ինչպէ՞ս կը գնահատէք: Արդեօք կը վերադառնանք 1990-ական տարեթիւերու միջավայրի՞ն:

ԱՌԱՏ ՏԻՆՔ.- Այս ցոյցերը ընդհատուած էին 1999-2009 թուականներուն միջեւ: Անշուշտ որ այս վերջին պատահածը բոլորովին անիմաստ երեւոյթ մըն է: Բոլորը գիտեն, որ կատարուածը որոշ նպատակ մը հետապնդող խաղաղ բողոքի ցոյց մըն է: Ուրեմն ի՞նչ կարիք զգացին վայրագ միջամտութիւն մը ունենալու համար: Ես այս կատարուածը ամբողջովին ճնշելու փորձ մը կը նկատեմ: Անհանդուրժողականութեան դրսեւորում մը: Վախցան, որ այս վերջինը շատ աւելի զանգուածային բնոյթ պիտի ունենայ, եւ ուզեցին այդ հաւանականութիւնը չէզոքացնել: Թերեւս ալ այստեղ ակնարկուած յանցագործութեան մեղաւորները այս պահուն որոշ իշխանութիւն մը ձեռք բերած ըլլալով` իրենք կրնան փորձել արգելք ըլլալ: Բայց այս բոլորը մեզ այնքան ալ հետաքրքրող բաներ պէտք չէ որ ըլլան: Վերջապէս, հոն գտնուիլը ճիշդ էր, այդ ցոյցին մասնակիցը ըլլալը ճիշդ էր, այդ ճիշդին հաւատարիմ մնալն ալ:

Այս է էականը, ապա թէ ոչ այդ նոյն վայրը անցեալին իշխանութեան համար ալ կարեւոր էր: Կառավարութիւնը իր զանգուածին կը բացատրէր այդտեղ հնչած արդարութեան պահանջը: Ուրեմն հոն գտնուած պահուս իմ ամենակարեւոր մտատանջութիւնը ճիշդ այդ գետնին վրայ էր: Ո՛չ միայն այդ պահէն, այլ շարունակութենէն ալ մտահոգ էի: Հասարակութիւնը ինչպէ՞ս այսքան դիւրին կը համակերպի իր հաւատացած գործիչներուն պարզած հակասութիւններուն:

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ.- Իրաւ ալ շատեր իսկոյն մտաբերեցին Էրտողանի վարչապետութեան շրջանին Շաբաթօրեայ մայրերուն ուղղած խոստումները: Ան խորհրդարանին մէջ իր կուսակցականներուն մանրամասնօրէն պատմած էր Պերֆօ մայրիկին դժբախտութիւնը, եւ իր կուսակցականներն ալ աղի արցունքներ հոսեցնելով` լսած էին այդ բոլորը: Իսկ այսօր ներքին գործոց նախարարը կը յանդգնի այդ նոյն մայրերուն ահաբեկչութեան գործիք դառնալը պնդելու: Իշխանութեան այս շեղումը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանես:

ԱՌԱՏ ՏԻՆՔ.- Շատ յաճախ ապրեցանք նման շեղումներ: Կառավարութիւնը նախապէս ուրիշ բան ըսած է եւ աւելի ուշ ալ` բոլորովին ուրիշ: Այստեղ մեզի համար հետաքրքրականը ժողովուրդին այս տարօրինակ ալեկոծումն է: Բան մը ըսած ատեն կը հաւատան, ապա բոլորովին հակառակը ըսած ատեն դարձեալ կը հաւատան: Այս երեւոյթը նաեւ ապագայի նկատմամբ մեր յոյսերը կամ հիասթափութիւնները ձեւաւորող յատկութիւն մըն է: Ի՞նչ պիտի ըլլայ, ո՞ւր պիտի հասնի ամէն ինչ: Մեզի նման մարդիկ երկար ժամանակէ ի վեր այս տեսակ երեւոյթներու դէմ բողոքող դիրքի մէջ են: Ինծի համար կարեւոր է, թէ հասարակութեան լայն շերտը ի՛նչ դիրք բռնած է: Իրենց տուած ձայներով այս ընթացքին ալ կը զօրակցի՞ն: Բոլոր ուժերը մէկ ձեռքի մէջ հաւաքուած են: Ժողովուրդը քանի մը անգամ իր դժգոհութիւնը արտայայտելու առիթ ունեցաւ: Արդեօք փորձե՞ց այդ առիթներէն օգտուիլ:

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ.- Այդ օր շուրջդ պահպանութեան վահան մը գոյացաւ: Թերեւս ոչ միայն քեզի, հոն գտնուողներուն բոլորը բերման ենթարկուելէ ազատելու ջանք մը: Այդ նկարին մէջ կը տեսնենք Ահմետ Շըքը, Կարօ Փայլանը, Հիւտա Քայան, Սերփիլ Քեմալպան եւ տակաւին ուրիշներ:  Այդ լուսանկարին մասին բաւական մեկնաբանութիւններ կատարուեցան: Դուն ինչպէ՞ս կը մեկնաբանես այդ լուսանկարը, քանի որ հոս շատ տարբեր միջավայրերէ մարդիկ նոյն նպատակի համար զօրակցութեան մէջ էին:

ԱՌԱՏ ՏԻՆՔ.- Արդէն մենք այս մարդոց հետ շատ երկար ժամանակէ ի վեր նոյն ժողովրդավարական սկզբունքներու հանդէպ զգայնութիւն մը գոյացուցած էինք: Հոն ինծի ուղղեալ պաշտպանութեան յատուկ ջանք մը անշուշտ կար, հօրս բերմամբ: Բայց արդէն այդ բոլորն ալ իմ գաղափարակից բարեկամներս են: Որովհետեւ երեսփոխանները բերման ենթարկելու չէին համարձակեր, ուղղուեցան անոնց կողքին գտնուողներուն: Իւրաքանչիւրին համար պայքար մը տրուեցաւ: Ես թերեւս վերջինն էի, եւ ամէն ոք իր ամբողջ կարողութեամբ փորձեց զիս խնայել: Այս տեսակ խորհրդանշական պահերէն մարդոց յատուկ իմաստներ արտադրելը բնական է անշուշտ: Բայց ես այս տեսակ դէպքերուն մէջ միշտ կը նախընտրեմ ջուրին մէջ կաթիլ մը ըլլալ: Չեմ ուզեր, որ հօրս պատճառով կամ ազգանունիս պատճառով յաւելեալ ապահովութիւն մը վայելեմ: Անոր համար ալ միշտ զգուշ կը վարուիմ: Կը խուսափիմ ուշադրութեան կիզակէտին շեղումէն: Վերջապէս, այդտեղ Հասան Օճաքի ընտանիքէն երեք անձեր բերման ենթարկուեցան: Քանի՜ քանի՛ տարիներու պայքարի մը մէջէն եկող մարդիկ, իրենց զաւակները, քոյրերը կամ եղբայրները փնտռող մարդիկ: Ես ստիպուած եմ անոնց կողքին կեցած պահուս շատ զգուշ ըլլալ: Երբեք ու երբեք իրենցմէ առաջ չանցնելու: Խօսք մը կայ. «Աստուած կարգը թող չխանգարէ»: Մենք հիմա ստիպուած ենք «պետութիւնը կարգը չխանգարէ» ըսելու: Այլեւս մեր սուգը պահելու անգամ ի վիճակի չենք, այնքան շատ սուգերով շրջապատուեցանք որ… Բայց ինչ որ ըլլայ, մենք պիտի շարունակենք հոն ըլլալ, կողք-կողքի ըլլալ:

 

 

Քաղաքական Դիակների Վերակենդանացման Ձախորդ Փորձերը

$
0
0

Հ. ՍԵՊՈՒՀ

Երեւանի աւագանու (քաղաքապետական) արտահերթ ընտրութիւններում ՀՅԴ ցուցակը գլխաւորող Միքայէլ Մանուկեանին զրպարտելու կոչուած, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի խօսափողներ «1in.am» կայքի ու «Ժամանակ» թերթի «տեղեկատուական-լուսաբանական» գերաշխուժութիւնը մեղմ ասած, զարմանքի տեղիք է տալիս: Եւ առաջին հերթին ու գլխաւորաբար` պահի ու պայմանների ընտրութեան տեսակէտից: Այլապէս, ՀՀՇ-ՀԱՔ-ամէտ շեփորահարների հակադաշնակցական մոլուցքը պարզ է ու մեկին, արդէն 25 տարիներ ի վեր…

… 1994 թուականին Երեւանի նախկին քաղաքապետ Համբարձում Գալստեանին սպաննելու մեղադրանքի (հետագային` չապացուցուած ու յօդս ցնդած) մասին 24 տարի անց կրկին յիշաչարող երկուորեակ ԶԼՄ-ները «արդարութեան վերականգնման» մասին են բարձրաձայնում…

Հետաքրքիր նմանութեամբ, պահը նպաստաւոր տեսնող այս «արդարամիտները» 10 տարի անց 2008-ի մարտի 1-ի հարցով նոյնպէս արդարահատուց են ձեւանում` չարաշահելով ժողովրդի զգացմունքները այդ ողբերգական իրադարձութեան վերաբերեալ:

… Գողերին բռնելուն ոչ ոք, երբեք, դէմ չի եղել, սակայն ժողովրդական օրինաչափութիւնը միշտ էլ յուշել է «գողին բռնէք» բարձրաձայնողների ու առաջինը ճչացողների խայտառակուելու մասին… ինչպէս որ դա եղաւ 1995 թ.-ին, երբ նոյն Միքայէլ Մանուկեանը մէկամեայ շինծու մեղադրանքից ու կալանքից յետոյ անպարտ ու ազատ արձակուեց: Իսկ այդ ժամանակ յայտնի ու խայտառակուող «գող բռնողը» ոչ այլ ոք էր, քան` ԱԱԾ տեղակալ տխրահռչակ ԿԳԲ-ական Գուրգէն Եղիազարեան կոչեցեալը, որն օրերս կրկին յիշել է իր դաւադիր ասպարէզի մասին: Համբարձում Գալստեանի իսկական սպաննողը, սակայն, այդպէս էլ չբացայայտուեց, բայց… այժմ էլ, 24 տարի անց, «գողին բռնէք» ճչացողները բացայայտ, զուր փորձեր են անում ժողովրդին մոլորեցնելու իրենց հնամենի ոճով ու իւրայատուկ պատեհապաշտութեամբ:

… Հերթական չարաշահումն էլ, անշուշտ, պայմանաւորուած է հայաստանեան ներքաղաքական նոր իրադարձութիւններով, որոնք էլ պատեհապաշտ եւ ապազգային տարրերի համար (թէկուզ ժամանակաւոր) ստեղծում են այն ենթահողը, որտեղ սկսում է աշխատել «պղտոր ջրից ձուկ որսալու» մեքանիզմը` նախ որպէս քաղաքական դիակներ վերակենդանանալու, ապա` իրենց հակադաշնակցական մոլուցքին յագուրդ տալու համար…

2 սեպտեմբեր 2018 թ.

Սեւերի Ու Սպիտակների Համախտանիշի Մասին

$
0
0

ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ

«Այսօր Հայաստանում իրավիճակը շատ պարզ է. կան սպիտակ ուժեր, եւ կան սեւ ուժեր, վե՛րջ: Ես ուզում եմ պաշտօնական յայտարարել, չնայած գիտէք, բայց պէտք է ասեմ, այո՛, մենք սպիտակ ուժերն ենք, իսկ բոլոր նրանք, ովքեր չեն ուզում, որ մենք յաջողութիւն ունենանք, ես կարող եմ ասել, որ սեւ ուժերն են: Որովհետեւ մենք եւ մեր յաջողութիւնը Հայաստանի յաջողութիւնն է…»:

Սա «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմից Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնում առաջադրուած թեկնածու Հայկ Մարութեանի` Երեւանի աւագանու ընտրութիւններին «Իմ քայլը» դաշինքի` ընտրութիւնների ֆինանսաւորումն ապահովելու համար կազմակերպուած դրամահաւաք-երեկոյի ընթացքում ունեցած ելոյթի մի մասն է, հիմնական առանցքն ու իմաստը:

Սեւերի ու սպիտակների աշխարհ, որտեղ, դատելով առկայ իրողութիւնից, բաւական յարմարաւէտ տեղաւորուել են ՀՀ իշխանական ուժի` «Քաղաքացիական պայմանագրի» ներկայացուցիչները:

Այդ մասին են վկայում յետյեղափոխութեան այս հարիւր ու մի քանի օրերի ընթացքում քաղաքական տուեալ ուժի ամենատարբեր տրամաչափի եւ նշանակութեան ներկայացուցիչների հանրային ելոյթներն ու ընկերային ցանցերում գրառումները:

«Մենք ու նրանք», «յեղափոխականներ ու հակայեղափոխականներ», «Սեւերն ու սպիտակները»… եւ էլի նման կարգի բազմաթիւ արտայայտութիւններ, որոնք ամրապնդուել են յիշեալների լեզւում:

Այս պարունակում, ակամայից հարց է առաջանում, թէ հասկանո՞ւմ են արդեօք նրանք իրենց օգտագործած բառերի եւ արտայայտած մտքերի իմաստն ու նշանակութիւնը:

Պատասխանն, ըստ իս, մէկն է ու միանշանակ. ո՛չ:

Ո՛չ, տրամաբանական այն պարզ պատճառով, որ հայկական իրականութիւնն (Հայաստանում եւ սփիւռքում) այսօր ապրում է իմաստաբանական դաշտի որոշակի քայքայման եւ արժեզրկման ժամանակաշրջան, ուր բառերն օգտագործւում, իսկ մտքերն արտայայտւում են բացառապէս այն տրամաբանութեամբ, թէ դրանք ինչպէ՛ս են կարող ազդել հասարակութեան վրայ եւ ի՛նչ զգացմունքներ են կարող առաջացնել նրա մօտ:

Այլապէս, այլ կերպ հնարաւոր չէ մեկնաբանել, թէ այդ ինչպէ՞ս է լինում, որ յեղափոխութեան օրերին, ինչո՞ւ չէ` նաեւ այսօր, սիրոյ, միասնութեան, հասարակութեանը համախմբելու, ընդհանուր նպատակների եւ այլեւայլ լաւ ու դրական երեւոյթների մասին խօսող ՔՊ ներկայացուցիչներն այդքան ինքնամոռաց բարձրաձայնում են նաեւ «սեւերի ու սպիտակների», «իւրայինների եւ ոչ իւրայինների» մասին` հասարակութեանը բաժանելով թշնամական ճամբարների:

«Սեւերի ու սպիտակների» աշխարհում, ցաւօք, քաղաքական պարկեշտութիւնը, ազգային նպատակներն ու շահերը, հասարակական հանդուրժողականութիւնն ու անդորրը յետին գիծ են մղուած: Ասպարէզը յատակին հաւասարեցուած, էժանագին պոպուլիզմինն է, որն, ինչ խօսք, յետյեղափոխութեան էյֆորիայի պայմաններում, երբ հասարակական մթնոլորտը ծայրայեղութեան աստիճանի ելեկտրականացած է, իսկ հասարակութիւնը` նոյն չափի բեւեռացուած, կարող է 100 տոկոսանոց յաջողութիւն ապահովել` ամրապնդելով սեփական իշխանութեան հիմքերը:

Պէտք չէ մոռանալ սակայն, որ այս էյֆորիան վերջիվերջոյ մարելու է, եւ անխուսափելիօրէն վրայ է հասնելու ցանած քամու փոթորիկ բերքը հնձելու ժամանակը:

Ու այդ պահին ՔՊ-ն ստիպուած է լինելու առերեսուել հայելային սեփական արտացոլանքի հետ, եւ բնազդաբար սկսուելու է ինքնաոչնչացման գործընթացը:

Յ. Գ.- Հայկ Մարութեանի ելոյթում, «սեւերի ու սպիտակների» մասին տեսութիւնից բացի, կար նաեւ մի ոչ պակաս ուշագրաւ նախադասութիւն. «Մեր թիմը ուժեղ է, նոյնիսկ կարող եմ ասել` մեր թիմի դէմը խաղ չկայ»:

Տղայական այս տրամաբանութեամբ են առաջնորդուել նաեւ ՀՀՇ-ն ու ՀՀԿ-ն` իրենց իշխանութեան օրօք: Արդիւնքը պարզ է… իսկ պատմութիւնը կրկնուելու բացառիկ յատկութիւն ունի: Սա` յիշեցման կարգով միայն:

«Ալիք»
03/09/2018

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Տիգրան Դեւոյեանց

Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան բանակի ռազմական հետախուզութեան ղեկավար, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Տիգրան Դեւոյեանց ծնած է Երեւան: 1903-ին ռուսական միջնակարգ դպրոցի աշակերտ եղած է: Ուսման ընթացքին մասնակցած է ցարական իշխանութիւններու կողմէ հայ եկեղեցւոյ ունեցուածքը բռնագրաւելու եւ հայկական դպրոցները փակելու դէմ սկսուած աշակերտական ընդվզումներուն եւ այդ պատճառով հեռացուած է դպրոցէն ու փախած` Թիֆլիս: Իր փոխարէն` ձերբակալուած է եղբայրը:

1904-1905 թուականներուն կը մասնակցի հայ-թաթարական ընդհարումներուն: Դեւոյեանց Թիֆլիսի` Շէյթան պազարի շրջանին մէջ 12 հոգինոց մարտական խումբով սատար հանդիսացած է տեղւոյն հայ ազգաբնակչութեան ինքնապաշտպանութեան:

1906-ին փորձած է կիսատ ձգած ուսումը շարունակել Թիֆլիսի առեւտրական դպրոցին մէջ, սակայն դպրոցական վարչութեան կողմէ կը հանդիպի բացասական վերաբերմունքի եւ այդ պատճառով ալ կը մեկնի Երեւան, ուր ընդունուած է Երեւանի ուսումնարան եւ յաջողութեամբ աւարտած է զայն:

Դեւոյեանց իր դասընկեր Դրոյի հետ միասին ստեղծած է աշակերտական մարտական խումբ մը` 9-10 հոգիէ բաղկացած:

Այնուհետեւ ընդունուած է Թոմսքի համալսարանի լեռնային ճարտարագիտական բաժինը:

Ցարական իշխանութեան կողմէ թափ առած հայկական կուսակցութիւններու եւ առհասարակ հայ յեղափոխականներու նկատմամբ հալածանքներու ընթացքին (1907-1912 տարիներուն) Տ. Դեւոյեանց կրկին ձերբակալուած է: 1910-ին Երեւանի ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի աջակցութեամբ Դեւոյեանց փախած է բանտէն եւ մեկնած` Թաւրիզ: Պայազիտէն Թաւրիզ տանող ճանապարհին ան շարք մը ծածկանուններ օգտագործած է` Յակոբ Յակոբեան, Աշոտ Յովսէփեան եւ այլն: Այստեղ Դեւոյեանց ռուսերէն, երկրաչափութիւն եւ հանրահաշիւ  դասաւանդած է Հայոց կեդրոնական դպրոցին մէջ: Ապրելով Նիկոլ Դումանի քով` ան մասնակցած է Դումանի խումբի աշխատանքներուն:

Դեւոյեանց շուրջ 9 տարի թղթակցած է «Պաքու» եւ «Կավկազսկի թելեկրաֆ» թերթերուն: Իր հեղինակած նիւթերը ան ստորագրած էր «Տիգր Տէօ», «Օմեկա» եւ «Աշոտ» կեղծանուններով, իսկ «Ալֆա» կեղծանունով թղթակցած էր ռուս սոցիալիստ-յեղափոխականներու «Զնամիա թրուտա» եւ Թաւրիզի «Առաւօտ» թերթերուն:

Շուտով Թաւրիզի մէջ եւս դժուարութիւններ կը յառաջանան. Դեւոյեանց ձեռք բերելով տաճկական հիւպատոսարանի վկայական` Յակոբ Յակոբեան ծածկանունով, այլ դաշնակցականներու հետ Տիլմանի վրայով կը մտնէ Վանայ լիճի շրջան:

1913-ի գարնան Տ. Դեւոյեանց կը գտնուէր Կ. Պոլիս: Տեսուչի պաշտօնը ստանձնելու համար Դեւոյեանց յանձնած է համապատասխան քննութիւն եւ ստացած է «Ուսողութեան մասնագէտ» տիտղոսը: Իսկ սեպտեմբերին արդէն Օրտու քաղաք է, ուր ստանձնած է ազգային երկու դպրոցներու տնօրինութիւնը: Այդ ժամանակամիջոցին ան կը շարունակէ աշխատակցիլ շարք մը ռուսական թերթերու:

Տ. Դեւոյեանց 1917-ին Պաթումի ճանապարհին շարունակած է հայթայթել տարաբնոյթ նիւթեր` թրքական զօրահաւաքի, ինչպէս նաեւ Սամսոնի, Օրտուի, Տրապիզոնի, Ռիզէի իրադարձութիւններուն մասին, միւս կողմէ` նաեւ իրեն հետ վերցուցած է Մակու-Թաւրիզ-Վան-Պայազիտ-Էրզրում-Տրապիզոն-Կ. Պոլիս ճամբորդութեան մասին յուշագրութիւնը` ռուսական բանակի հետախուզական մարմիններուն ներկայացնելու համար:

Վերոնշեալ մարմինին հրահանգով Իգտիրի մէջ ստեղծուած է հայկական սպայակոյտ, ուր Դեւոյեանց ռուսական զինուորական իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններ կարգաւորողն էր, աւելի ճիշդ` Դեւոյեանց զօր. Օկանովսկիի գլխաւորած 4-րդ զօրաբանակի հետախուզական բաժնի վարիչ էր:

Դեւոյեանց թրքական ուժերու մասին Իգտիրի հայկական սպայակոյտին միջոցով ձեռք բերած արժէքաւոր տեղեկութիւնները հաղորդած է Պ. Օկանովսկիին գլխաւորած զօրաբանակի հետախուզական բաժնի պետ` գլխապետ Վլատիմիր Օկոլին:

Յաճախելով սպայական դասընթացներուն` Դեւոյեանց գիտելիքներ կը ստանայ հետախուզական գործի կազմակերպումի մասին: Ստացուած արդիւնքներուն մասին զեկուցագրերը ներկայացուած էին գնդապետ Տանիէլ Տրացենքոյին, Ազգային բիւրոյին եւ ՀՅԴ Բիւրոյին:

Այնուհետեւ Դեւոյեանց Կովկասեան բանակի հրամանատարութեան կողմէ գործուղուած է Էրզրում` հետախուզութեան, ապա` Երզնկա:

Այնուհետեւ, Տիգրան Դեւոյեանցը` իբրեւ փորձառու հետախոյզ, մասնակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ արդէն հետախուզական ծառայութեան ձեւաւորման բարդ, հակասական եւ չափազանց դժուարին գործառոյթներուն` դառնալով նորաստեղծ զինուորական նախարարութեան գլխաւոր սպայակոյտի հետախուզական եւ հակահետախուզական բաժանմունքի պետերէն մէկը, ծաւալած է հայրենանպաստ գործունէութիւն: 1918 մայիսին, երկաթուղիով Վրաստանի Հանրապետութեան տարածքով անցնելու ժամանակ, Տ. Դեւոյեանց անակնկալօրէն ձերբակալուած է: Բանտ տարուած ճանապարհին Դեւոյեանց հասած է ոչնչացնել շարք մը կարեւոր, ծածկագրուած թուղթեր, որոնք կրնային դիւանագիտական բարդութիւններ յառաջացնել Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն համար: Զայն տարած են Մետեխի բանտ:

Դեւոյեանց բանտէն փախուստ տուած է իր մերձաւորներէն` Ասիայի հետ օգտագործելով կեղծ փաստաթուղթեր:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ժամանակաշրջանին Տիգրան Դեւոյեանց իրականացուցած է հետախուզական աշխուժ գործունէութիւններ Վան-Մուշ-Պիթլիս շրջանին մէջ, իսկ 1919-ի վերջը եւ 1920-ի սկիզբը յայտնուած է Կ. Պոլիս, ուր կազմակերպուած է հետախուզական խումբ` հայթայթելով Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային-պետական անվտանգութեան ապահովման տեսանկիւնէ արժէքաւոր տեղեկութիւններ թրքական զինուժի թուաքանակին եւ նախապատրաստութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայկական սահմանի ողջ երկայնքով թրքական զօրքերու տեղաբաշխումին մասին:

Տ. Դեւոյեանց, հայերէնի եւ ռուսերէնի կողքին, կը տիրապետէր նաեւ` ֆրանսերէնի, անգլերէնի, գերմաներէնի եւ թրքերէնի:

Տ. Դեւոյեանց կեանքի վերջին շրջանի փուլը կ՛անցընէ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այստեղ կը հրապարակէ բարձրարժէք յուշագրութիւն` իր հետախուզական գործունէութեան մասին:

Տիգրան Դեւոյեանց կը մահանայ 12 սեպտեմբեր 1965-ին, Նիւ Եորքի մէջ:

Զօր. Դրաստամատ Կանայեան

Դրաստամատ Կանայեան (Դրօ), ֆետայի, վրիժառու, ազատագրական շարժումի գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրներէն, Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմական նախարար, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է Իգտիր, 31 մայիս 1884-ին: Յաճախած է Երեւանի ռուսական ուսումնարանը եւ վաղ երիտասարդական օրերուն մաս կազմած է ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն:

1903-ի ամառը մեծ թափ կը ստանայ զէնքի փոխադրութիւնը Սուրմալուի վրայով դէպի Արեւմտահայաստան: Դաւաճաններու եւ լրտեսներու գոյութիւնը, սակայն, ահազանգի կը մատնէ գործը: Թէջերապատի (Սուրմալուի գիւղերէն մէկը) գիւղապետ Մարտիրոսը մատնութիւններ կ’ընէ: ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ Դրոյի եւ Գերդանի կը վիճակուի անոր հաշիւը մաքրել: Այս դէպքը Դրոյի մարտական աշխատանքներուն առաջինը կ՛ըլլայ: Կուսակցութեան որոշումով ան կը հեռանայ Սուրմալուէն, կ՛անցնի Հիւսիսային Կովկասի Փիատիկորով քաղաքը, ուր եւ կը զինուորագրուի:

6 փետրուար 1905-ին Պաքուէն կը հասնին հայ-թաթարական առաջին ընդհարումներուն լուրերը: Դրօ գաղտնօրէն կը հեռանայ զօրաբաժինէն եւ կ՛անցնի Պաքու, ուր կը միանայ դաշնակցական հայդուկներու շրջանակին` Նիկոլ Դումանի ղեկավարութեան տակ: Պաքուի նաւթաշխարհին մէջ հայութիւնը տնտեսական եւ մշակութային մեծ կշիռ կը ներկայացնէր: Այնտեղ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը ծաւալէր ու կը զօրանար: Ռուս բռնատիրութիւնը հայոց դիմադրական ուժը կոտրելու համար կը դիմէր որեւէ միջոցի. այս պարագային, թաթարները կը ծառայեն իբրեւ գործիք հայերու դէմ: Ռուս ոստիկանութեան աչքին առջեւ յանկարծակիի եկած հայեր զոհ կ՛երթան թալանող ու կոտորող թաթարներուն: Պարզ էր, որ ցարական իշխանութիւնն էր ծրագրողը այս վայրագութիւնները, որոնք կը գործադրուէին նահանգապետ Նակաշիձէի ձեռքով: Շրջանի Կ. կոմիտէին կողմէ կը տրուի անոր ահաբեկման որոշումը: Նիկոլ Դուման 21 տարեկան երիտասարդ Դրոյի կը յանձնէ այդ պարտականութիւնը եւ 11 մայիս 1905-ին օր ցերեկով Դրօ կ՛իրականացնէ իրեն յանձնուած գործը: Պաքուէն շուտով կ՛անցնի Երեւան:

Օգոստոս 1905-ին Դուման Դրոն կ՛ուղարկէ Նախիջեւան: Դրօ Նորս գիւղը կ՛ընտրէ իրեն կեդրոն եւ կը սկսի գիւղերու ինքնապաշտպանութեան գործին: Տեսնելով շրջանի եռուզեռը` դրացի թաթարները կը յարձակին, բայց կը հանդիպին Դրոյի խումբի բուռն դիմադրութեան: Հայ գիւղացիները կը գրաւեն թաթարներուն նախիրը: Նորսի կռիւը մեծապէս կը բարձրացնէ Դրոյի հեղինակութիւնը` հայդուկներու եւ ժողովուրդի աչքին: Այնուհետեւ, Քեռիի ընդհանուր հրամանատարութեան կողքին, կը վարէ լեռնային Նախիջեւանի եւ Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութեան շատ մը կռիւները եւ, ի վերջոյ, թշնամին պարտուած` կը դիմէ հաշտութեան: Նակաշիձէին զգետնողը կը փաստէ, որ միաժամանակ հմուտ կազմակերպիչ, տաղանդաւոր խմբապետ եւ ռազմագէտ է:

1908-ին Դրօ կը հաստատուի հին Պայազիտ` իբրեւ քարիւղի վաճառական` Սուրէն Էֆենտի: Ան գործի եւ բարեկամական կապեր կը հաստատէ քրտական ցեղապետներու եւ թուրք պաշտօնեաներու հետ: Բայց ներքնապէս Կովկասի սահմանագլուխի ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը հաղորդակցութեան, կապի եւ զէնքերու փոխադրութեան վարիչը կ՛ըլլայ:

1914-ին Ա. Աշխարհամարտին Դրօ կու գայ Թիֆլիս, ուր ՀՅ Դաշնակցութեան ժողովը կ’որոշէ, ռուսական զօրքերու կողքին, հայ կամաւորական խումբերը ուղարկել ճակատ` կռուելու համար Թուրքիոյ դէմ: Նոյն տարուան 21 հոկտեմբերին կը սկսի ռուս-թրքական պատերազմը: Հայկական գունդերը յառաջապահ դիրքերու վրայ են: Դրօ 2-րդ գունդի հրամանատար է, Վանի գիծին վրայ: Բաւական յառաջանալէ ետք, կռիւի կը բռնուին թշնամիին հետ, որուն կը հետեւէին քրտական անկանոն կռուողները. զօրաւոր բախումէ մը ետք, ետ կը մղէ թշնամին: Դրօ առաջին դիրքերու վրայ հրամաններ կու տայ. յանկարծ ժայռերու ետեւ թաքնուած թշնամիին գնդակը կը խոցէ Դրոյի կուրծքը: Մահացու վիճակի մէջ Դրօ կը փոխադրուի Թիֆլիսի զինուորական հիւանդանոց:

Ապրիլ 1915-ին կամաւորական զօրագունդի գլուխ անցած` ան Վան մտնողներուն առաջինը կ’ըլլայ:

23-27 մայիս 1918-ին Դրոն ստանձնեց Ապարանի ճակատամարտի հրամանատարութիւնը: Ապարանի ճակատամարտը, իրաւացիօրէն, Դրաստամատ Կանայեանի փառքի գագաթնակէտն էր: Հայ ժողովուրդին համար ամենաօրհասական այդ օրերուն ան կրցաւ ոչ միայն կասեցնել թրքական 13.000 հաշուող զօրաբանակին յառաջխաղացումը դէպի Երեւան, այլեւ ջախջախիչ հարուած հասցուց թուրքերուն, որոնք խուճապահար փախան մարտադաշտէն:

Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք Դրոն ձեռնամուխ եղաւ հայկական բանակի կազմաւորումին: Սակայն անոր վաստակը անուրանալի է յատկապես երկրի ներքաղաքական կեանքի կայունացման գործին մէջ: Դրոն կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կրցաւ Հայաստանի մէջ կարգ ու կանոն հաստատել:

1918 դեկտեմբերի կէսերուն տեղի կ՛ունենար հայ-վրացական պատերազմը: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը Դրոյին վստահեցաւ հայկական բանակի հրամանատարութիւնը ու յանձնարարեց Լոռին մաքրել վրացիներէն: Շուրջ մէկ ամիս տեւած պատերազմի ընթացքին հայկական զօրքերը, Դրոյի առաջնորդութեամբ, ջախջախեցին վրացական զօրքերը, Դրոն կրցաւ մաքրել Լոռին վրացիներէն:

1919 դեկտեմբերի կէսերուն 600 զինուորով Գորիս կը հասնի Զանգեզուր-Ղարաբաղի ռազմական ուժերու ընդհանուր հրամանատար նշանակուած Դրոն: Կարճ ժամանակի մէջ, մինչեւ 19 յունուար, ամբողջ Զանգեզուրը կ՛ազատագրէ. Դրոյի ընդհանուր հրամանատարութեամբ կը կռուէին Եապոնի, Նժդեհի եւ միւս հրամանատարներուն առաջնորդած մարտական ուժերը:

Հետեւաբար, Արարատեան դաշտի ռազմական ուժերու զինուորական կոմիսար եւ Երեւանի ուժերու հրամանատար Դրոն ամէն ինչ էր կազմակերպուող հայկական բանակին մէջ:

1920-ի աշնան, Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեան օրով, Դրաստամատ Կանայեանը ստանձնեց ռազմական նախարարի պաշտօնը:

Անուրանալի է զօրավար Դրոյին ներդրումը Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման ու զարգացման մէջ:

2 դեկտեմբեր 1920-ին կառավարութեան կողմէ խորհրդայիններուն հետ միասին կը ստորագրէ համաձայնագիր, որմէ ամիս մը ետք կ’աքսորուի Մոսկուա, ուր կը մնայ հինգ տարի: 1925-ին Չեկան կ’արտօնէ, որ անցնի Փարիզ եւ ապա` Ռումանիա:

1933-ին ՀՅ Դաշնակցութեան 12-րդ Ընդհանուր ժողովը զինք կը դնէ կուսակցութեան գերագոյն ղեկավարութեան մէջ, ուր կը մնայ մինչեւ մահ:

1952-1955 թուականներուն Պէյրութ կ’ապրի, ապա` Միացեալ Նահանգներ, 8 մարտ 1956-ին, յետերկարատեւ հիւանդութեան, կ’աւանդէ իր հոգին Պոսթընի մէջ: 29 մայիս 2000-ին վերայուղարկաւորուեցաւ Ապարանի ճակատամարտի յուշահամալիրի աջ եզրաթումբին վրայ:

 

(Շար. 8)

Երբ Գիրք Մը Կը Գնեմ Կամ Կը Ստանամ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Գիրքերը վստահելի եւ պաղ բարեկամներ են:

Վիքթոր Հիւկօ

Բարեկամ մը այցելութեան եկած էր եւ ուզեց, որ իրեն գիրք մը նուիրեմ` մակագրուած: Գի՞րքն էր կարեւոր, թէ՞ մակագրութիւնը, մինչեւ հիմա կը փորձեմ հասկնալ:

Արդէն, բացի հայերէնով լոյս տեսած խոհանոցի եւ մանկական գիրքերէն, գրական, բանաստեղծական, եւ մշակոյթի այլ մարզերու վերաբերեալ գիրքերը այնքա՜ն չնչին տպաքանակ ունին, որ շուտով կը սպառին` նուէր տրուելով: Այդ նուէրը սպասելու եւ ստանալու նոր մշակոյթ ալ ստեղծած ենք:

Երբ գիրք մը գնեմ կամ ստանամ, առաջին գործս կ՛ըլլայ գտնել տպաքանակը: Անիկա չափանիշ է ժողովուրդի մը գրականութեան հանդէպ ունեցած սիրոյն, անոր գրողներու արժէքին եւ յաջողութեան: Բաղդատութիւններ կ՛ընեմ` հայերէն գիրքերու եւ օտար լեզուներով հրատարակութիւններու: Ի հարկէ մտորումներս կ՛երթան մեր փոքրիկ ածուին, որուն համար պատմահայր Մովսէս Խորենացի ըսած էր, որ հոն կային մեծութիւններ: Կային եւ կան, բայց` ամէն օր քիչ մը աւելի մոռցուող, քիչ մը աւելի բացակայ:

Գրասեղանիս վրայ է արեւմտահայ գրող Երուխանի պատմուածքներու հատորը, Հայաստան լոյս տեսած` խորհրդային օրերուն, 10.000 տիրաժով`  տպաքանակով, այդպէս գրուած է: Գիրքը գնուեցաւ հին գիրքերու դէզէ մը, Երեւան:

Ներկայիս, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ցնորք է այդ 10.000 տիրաժը:

Այս ցնորքը կ՛անհանգստացնէր ո՛չ պետութիւնը, ո՛չ մշակոյթի նախարարութիւնը, ո՛չ սփիւռք(ներ)ի ղեկավարութիւնները, մշակութային այնքան բազմաթիւ միութիւնները, եւ` բոլոր այն հայերը, որոնք աշխարհի բոլոր լեզուներով կը բարբառին, որ մենք մշակոյթի ժողովուրդ ենք, որ` ունեցած ենք մեծ մշակոյթ:

Եթէ հայերէն գիրքը այլեւս հետաքրքրութեան առարկան չէ հայ մարդոց, պէտք է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս անոնք խորթացած են հայերէն գիրքէն եւ խօսքէն: Այս նահանջը մութին մէջ տեղի չէ ունեցած. պատահա՞ծ է, որ անոր պատճառները օրակարգ դառնան մեծամեծներու ժողովներուն` կրօնական, խորհրդարանական, քաղաքական եւ այլ, այս խորթացման ախտաճանաչումը եղա՞ծ է, փորձ եղա՞ծ է այս պարտուողականութիւնը սանձելու:

Չենք կրնար ինքնարդարացման ճապկումներով ըսել, որ օտար եւ չար ուժեր մեզ խորթացուցած են հայերէն գիրէն, խօսքէն, գիրքէն, երէկ եւ այսօր:

Տեղ մը, բարեսիրութենէ եւ ճանաչումներէ պահ մը հեռանալով, նահանջի լրջութիւնը եւ հետեւանքները քննուա՞ծ են: Մտածուա՞ծ է քննել: Վաղը, յիսուն տարիէն, հարիւր տարիէն:

Կրկին Մատենադարան գացի, ուխտաւորի պէս: Այս անգամ գացինք երեք սերունդով:

Մոլորակը թաւալելէ պիտի չդադրի, եթէ Մատենադարանը եւ անոր գիրքերը չունենանք: Մտածեցի նաեւ, որ Մատենադարանի  ժառանգութիւնը սոսկ տուրիզմի հետաքրքրութիւն պիտի ըլլայ, եթէ այդ ժառանգութեան շարունակութիւնը մեզմով չըլլայ: Հիացումը լաւ է: Երկու հնդիկ կիներ ալ եկած էին, հիացած էին եւ կը լուսանկարէին, ինչպէս մենք կ՛ընենք իմաստաւորելու համար քաջալերուող տուրիզմը, յանձնուելով անմասնակիցի սնափառութեան: Յաճախ անոնց եւ մեր միջեւ տեսակարար տարբերութիւն չկայ: Հայուն հիացումը Մատենադարանի հարստութեան ի տես` փուչիկ է, երբ հայը հայ գիրքին նկատմամբ օտար է: Անվաղորդայն յուզում:

Կա՞յ տարբերութիւն Մատենադարանը լուսանկարող հնդիկին եւ լուսանկարող հայուն միջեւ: Հնդիկները իրենց հետ պիտի տանին ո՛չ Չարենց, ո՛չ Վարուժան, ո՛չ Զարեան, ո՛չ Մուշեղ Իշխան, ո՛չ Կարապենց: Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ազգային ՎԱՂԸ, եթէ այլեւս հայերէն գիրքը չտանինք մեզի հետ: Չենք տանիր արդէն, չենք կրնար տանիլ, քանի որ 100 կամ 500 տպաքանակով հայերէն գիրքը մեր մշակութային կեդրոններու եւ ակումբներու գերեզման-գրադարաններուն համար է, ինչպէս կ՛ըսէր սրտցաւ ազգային մը:

«Գիրքերը վստահելի եւ պաղ բարեկամներ են», ըսած էր ԺԹ. դարու ֆրանսացի մեծ բանաստեղծը` Վիքթոր Հիւկօ: Ինչո՞ւ վստահելի եւ  ինչո՞ւ բարեկամ:

Գիրքը անսեթեւեթ զրուցակից է, մեզ կը մօտեցնէ մեր անցեալին, մեր ներկային, մարդոց, որոնց շարունակութիւնն ենք, որոնց հետ կ՛ապրինք, որոնք կ՛իմաստաւորեն մեր ներկան եւ մեր նախաձեռնութիւնները, այլապէս բանտարկուած կը մնանք բուսական կեանքի սահմաններուն մէջ, կը ծնինք, կ՛արտադրենք, կը սպառենք եւ կը սպառինք: Գիրքը բան մը կ՛ըսէ, եւ այդ բանով կ՛ընդլայնի մեր տեսողութեան սահմանը, ինչ կը վերաբերի արտաքին եւ ներքին աշխարհներու: Կը հասկնանք, որ առանձին չենք: Բնական նիւթական տարրերէն տարբեր ենք:

Գիրքով կ՛իւրացնենք անցեալը, հեռուն եւ մօտը, որոնք սոսկ պատկերներ չեն, ինչպէս` Մատենադարանի Մովսէս Խորենացիի կամ Անանիա Շիրակացիի արձանները, կամ` Քոչարի Սասունցի Դաւիթի արձանը` Երեւանի սրտին վրայ: Եթէ անոնք չբացուին իրենց պատմութեամբ եւ պատգամով, եթէ զանոնք չիւրացնենք, անոնք, բախտաւոր պարագային, կը դառնան գեղօրներ, զորս տանտիկինները կը հաւաքեն ասդիէն անդիէն` ապակեդարաններ, սեղաններ կամ պատեր զարդարելու համար, ինչպէս կ՛ընեն Ափրիկէէն, Չինաստանէն կամ Պրազիլէն գնուած յիշատակի առարկաներու համար:

Ամէն մարդ գրող, պատմաբան կամ բանասէր պիտի չըլլայ: Ամէն մարդ բոլոր գիրքերն ալ պիտի չկարդայ: Բայց պիտի գիտնայ, որ ինք սունկ չէ, այդպէս, բուսած, անարմատ: Իսկ եթէ ան մասնակից պիտի ըլլայ ընդհանրապէս ընկերութեան, հաւաքականութեան, ազգի եւ հայրենիքի կեանքին, պիտի գիտնայ բաներ, որոնց իւրացման համար դեղահատ չկայ: Կան գիրքերը: Ճիշդ է` ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը արագ ծանօթացման միջոցներ կ՛ընծայէ, ինչպէս` հեռատեսիլի վաւերագրական ժապաւէնները: Բայց անոնք կը տեսնուին, կը տպաւորեն, ընդհանուր եւ ժամանակաւոր հետաքրքրութիւն մը ստեղծելէ ետք կը փոխարինուին յաջորդ հետաքրքրութիւն ստեղծելու կոչուած պատկերներով:

Ժողովուրդի մը պատկանիլ` կը նշանակէ սնունդ ստանալ եւ ստացած ըլլալ անոր արժէքներէն, որոնք անձին կու տան իր ինքնուրոյնութեան կնիքը: Այդ արժէքները կը գտնուին մշակոյթին մէջ եւ կը ստացուին անով: Լեզուն, գիրը եւ գրականութիւնը կը կրեն այդ արժէքները եւ կը փոխադրեն դարերու երկայնքով: Այսպէս, պարզ ձեւով, կը ժառանգենք հող-հայրենիքը Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութեան» մէջ յիշուած առածով, որ` «եթէ դուն Շարայի որկոր ունիս, մենք Շիրակի ամբարները չունինք», վկայութիւն` հայու ներկայութեան իր հողին վրայ: Ինչպէ՞ս կրնանք ըմբռնել երէկի եւ այսօրուան մեզի համար ազգին դիմագիծ տուող այնքան էական հողային հարցը` առանց հայոց գերի տարուած Արշակ արքայի դրուագին, որ հպարտութիւն եւ ինքնավստահութիւն կը գտնէ, երբ հայրենի հողին վրայ է:

Ինչպէ՞ս կրնանք հասկնալ նորագոյն շրջանի մեր պատմութիւնը` առանց Ռուբէնի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակներուն», հասկնալ մեր տատանումները` առանց Քրիստափոր Միքայէլեանի «Ամբոխային տրամաբանութիւն»-ը գիրքին քննադատութիւնը կարդալու, ամբոխային տրամաբանութիւն, որ կը բացատրէ մեր անմիջական ներկայի վայրագ արտագաղթ-հայրենալքումը եւ հայրենադարձութեան անկարելիութիւնը: Ինչպէ՞ս հպարտութիւն կրնանք ունենալ` առանց Վարուժան, Տէրեան եւ Չարենց կարդալու, բաւարարուելով անգլիացի, ֆրանսացի կամ ռուս բանաստեղծներէն ստացուող գեղեցիկի եւ հոգեկանի հարստութեամբ:

Այդ սնունդը լաւ է, բայց կը նմանի վարձու սենեակի մը մէջ երջանկանալու, գեղեցիկ հիւրանոցի մը մէջ օր անցընելու:

Բախտաւոր պարագային կը յիշենք անուններ` Օշական, Աւետիք Իսահակեան, Սիամանթօ: Կը կարդա՞նք: Տպաւորելու համար անուններ կու տանք: Ո՞վ կը կարդայ Շաւարշ Նարդունի եւ Յարութ Կոստանդեան (ի դէպ, կը թուի, թէ անոնք հռչակաւոր անծանօթներ են այլեւս): Ես ինծի յաճախ հարց կու տամ, թէ ինչպէ՞ս Հայկական հարց պիտի հետապնդենք, հայրենիքի մէջ եւ հայրենիքէ դուրս քաղաքականութիւն պիտի խաղանք` առանց հայերէն գիր-գրականութենէ եւ մշակոյթէ ստացուած լիցքի: Առանց այդ լիցքին` քաղաքականութիւնը կը վերածուի իր նուազագոյն արտայայտութեան` վարչութեան: Ինչպէս` մեր հանդէսները, երգահանդէսները, տօնակատարութիւնները, հաղորդամիջոցները:

Այսօր ազգապահպանումը, Հայ դատի հետապնդումը, Հայաստանի վերականգնումը, զարգացումը, բնակեցումը, կարիք ունին խորքային յանձնառութեան, որ կախում ունի հոգեկան-ոգեկան ներդրումէ: Եթէ հայ գիրքը վերադառնայ մեր տուները, մենք տարբեր կ՛ըլլանք, կ՛ըլլանք հաւատաւոր եւ հարազատ:

Իսկ այդ բոլոր գեղեցիկ բաները կը չափուին Հայաստան հրատարակուած գիրքին անցեալի ՏԻՐԱԺ-ով` 10.000, եւ ոչ` այսօրուան 100-ով, 400-ով, 500-ով: Այդքանն ալ չ՛ըլլար, եթէ մեկենասներ, ֆոնտեր եւ մրցանակներ չըլլան:

Եւ կը հպարտանանք յաճախ որպէս գեղօր` մեր տուներու գրադարանները զարդարող օտարալեզու գեղատիպ հատորներով…

Կը վերականգնինք այն օրը, երբ ՏԻՐԱԺ-ները ըլլան տասը, քսան, յիսուն հազար, երբ գիրքերը գնուին եւ սպառին, եւ գրողը նիւթապէս անկախանայ իր գրիչով ապահովուած կեանքով:

Ասկէ առաջ ըսած եւ գրած եմ. եթէ ամէն մէկ հայ տարին մէկ հայերէն գիրք գնէ… Երեւակայեցէ՛ք այդ պարզ վերաբերումին հետեւանքները, շատ աւելի ազդեցիկ, քան` մեզ բոլորս տարին քանի մը անգամ փակ սրահներու մէջ զուարճացնող ամպագոռգոռ բարձրախօսով թնդացող ճառերը եւ գետին դոփելու մղող գոռացող նուագարաններու ընկերակցութեամբ գոռացող երգերը:

«Գիրքերը վստահելի եւ պաղ բարեկամներ են», դէմք եւ գոյն չեն փոխեր, կը դիմանան ժամանակի աւերին. Խորենացին եւ «Վահագնի ծնունդը», Նարեկը եւ Եղիշէի «Վարդանանք»-ը, Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթ»-ը, Վարուժանի «Դերենիկը» եւ Չարենցի «Ես իմ Անուշ»-ը…

Այս ալ թէժ գիծ է, որուն միւս կողմը թշնամիներ եւ օտար ուժերը չկան, չեն տեղեկայուած, այլ…

Կը խնդրուի լրացնել:

16 օգոստոս 2018, Երեւան

 

 

4-7 Սեպտեմբեր 1922, Ժընեւ. «Հայասէրներու Միջազգային Լիկա»-ին Պատմական Համագումարը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Սեպտեմբերի այս օրերուն (4-7), 96 տարի առաջ, «Հայասէրներու միջազգային լիկա»-ն պատմական համագումար մը ունեցաւ Ժընեւի մէջ (Զուիցերիա), հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան զոհերուն` վերապրող բիւրաւոր հայ գաղթականներուն խնամատարականօրէն տէր կանգնելու հիմնական օրակարգով:

Զմիւռնիոյ շուրջ մղուող յոյնեւթրքական բուռն պատերազմի արհաւիրքի օրերն էին, յոյներով եւ հայերով բնակուած հինաւուրց, այլեւ մեծապէս ծաղկուն քաղաքի քեմալական գրաւման ու հրկիզման ահաւոր ժամանակաշրջանն էր: Եւրոպայի տարածքին, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ գործող մարդասիրական բազում կազմակերպութեանց պատուիրակները եւ հռչակաւոր հայասէր գործիչներ հաւաքուեցան Ժընեւ, որպէսզի միասնաբար քննեն եւ լուծումներ գտնեն թէ՛ Մեծ եղեռնէն վերապրած հայրենահան հայ գաղթականութեան ողբերգական դրութեան, թէ՛ տակաւին Օսմանեան կայսրութիւն նկատուող թրքական պետութեան կողմէ Քեմալի ձեռամբ շարունակուող ցեղասպանական ոճիրներու հայ զոհերուն անտիրութեան եւ թշուառութեան վիճակին:

Թէեւ նորվեկիացի Ֆ. Նանսենն էր համագումարի շարժիչ ոգին, բայց առաւելաբար զուիցերիացի հայասէրներու շնորհիւ էր, որ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի տարածքին հողմացրիւ եղած հայ գաղթականութեան վերապրումը ապահովելու մտասեւեռումը իր հունով առաջնորդեց համագումարի աշխատանքները:

Համագումարի կարեւորագոյն իրագործումը եղաւ բիւրեղացումը` «Նանսենեան անձնագիր» անունով յայտնի` միջազգային իրաւական փաստաթուղթով մը հայ գաղթականութիւնը օրէնքով պաշտպանելու գաղափարին: Իրողապէս արդէն պատմութեան անցած Օսմանեան կայսրութեան տեղահան հայ քաղաքացիները պէտք էր արժանանային նորաստեղծ Ազգերու լիկային կողմէ շնորհուած միջազգային յատուկ կարգավիճակի, որ անոնց գաղթականի կեցութիւնն ու երկրէ երկիր ճամբորդութիւնը պիտի օժտէր իրաւական փաստաթուղթով: Ֆ. Նանսեն ինք աշխուժ անդամներէն էր «Հայասէրներու միջազգային լիկա»-ին, իսկ այդ օրերուն արդէն նշանակուած էր Ազգերու լիկային գաղթականութեան հարցերով Բարձր յանձնակատար:

Ինչպէս որ հրապարակագիր Վարդան Օհանեանը դիտել կու տայ Նանսենի նուիրուած իր հրապարակումին մէջ, «Յայտնի է, որ թէ՛ Ազգերու լիկային, թէ՛ Լոզանի համագումարին մէջ զուր անցան հայութեան համար դրական, քաղաքական լուծումներ ստանալու` հայ քաղաքական գործիչներու, Նանսենի ու միւս հայասէրներու ջանքերը. կը մնար գաղթականներու դրութիւնը գոնէ տանելի դարձնելու, ապա` հայրենադարձութիւն կազմակերպելու գործը: Հայկական հարցը քաղաքականէն վերածուեցաւ զուտ մարդասիրականի: Բանն այն է, որ բազմահազար հայ գաղթականներ կորսնցնելով իրենց քաղաքացիական իրաւունքները սեփական երկրին մէջ` չունէին այդպիսիք իրենց հանգրուանած պետութեան մէջ: Նման իրաւազուրկ վիճակի մէջ յայտնուած այլազգիները նոյնպէս մեծ թիւ կը կազմէին` յոյներ, հրեաներ, ռուսեր… Հարցին լուծումը տուաւ Նանսենը, 1922-ին, Ժընեւի յատուկ համագումարին, առաջարկելով սահմանել իր ստորագրութեամբ անձնական վկայական: 52 երկիրներու կառավարութիւններ ընդունեցին «Նանսենեան անձնագիր»-ներուն իրաւականութիւնը, ինչ որ նոր երեւոյթ էր մարդկութեան պատմութեան մէջ, երբ տուեալ երկրի զինանշանին փոխարէն` անձնագրին մէջ կը փակցուէր դրոշմանիշ` Նանսենի նկարով ու «Ազգերու լիկա» գրութեամբ: Տասնեակ հազարաւոր հայեր դարձան «Նանսենական», որոնց մէկ մասը հետագային ներգաղթեց Խորհրդային Հայաստան: Վերջիններուս օգնելու նպատակով Ազգերու լիկան 1924-ի սեպտեմբերի 25-ին կազմեց յատուկ յանձնաժողով` Նանսենի գլխաւորութեամբ»:

96 տարուան հեռաւորութենէն նայելով Ժընեւի մէջ հայասէրներու սեպտեմբեր 1922-ի համագումարով ճամբայ հանուած եւ Ազգերու լիկային կողմէ որդեգրուած այդ քայլին` անկասկած միայն դրական արժեւորում կարելի է տալ ցուցաբերուած մարդասիրական մօտեցումին: Բայց նոյնը կարելի չէ հաստատել «Նանսենեան անձնագիր»-ի քաղաքական նշանակութեան մասին, որովհետեւ իրաւականօրէն նուիրագործելով հայրենազուրկ հայոց տեղահանի ու գաղթականի միջազգային կարգավիճակը` փաստօրէն Հայկական հարցը քաղաքական օրակարգէ հանուեցաւ. այդպէ՛ս նախապատրաստուեցաւ յուլիս 1923-ի Մեծ Ուրացման Լոզանի դաշնագիրը:

Բայց այդ մասին կ’արժէ առանձին եւ իր ատենին խօսիլ:

1922-ի սեպտեմբերի 4-7 Ժընեւի մէջ գումարուած «Հայասէրներու միջազգային լիկա»-ի խորհրդաժողովին նուիրուած էջով կ՛արժէ անմիջապէս նշել, որ զուիցերիացի հայասէրները 19-րդ դարու վերջերէն սկսեալ կարեւոր ներդրում ունեցան ոչ միայն համիտեան կոտորածներու հայ զոհերուն պատսպարման, որբախնամութեան եւ ուսումով ապահովման մարզերուն մէջ, այլեւ` Հայկական հարցի արդար լուծման ի խնդիր իրենց ծաւալած հանրային կարծիքը զօրաշարժի մղելու նախաձեռնութիւններով:

Հանրագիտական տեղեկութեանց համաձայն, Զուիցերիան հայկական աղբիւրներու մէջ առաջին անգամ յիշատակուած է Մարտիրոս եպս. Երզնկացիի «Պատմութիւն ֆռանկեաց երկրին, զոր տեսեալ է Երզնկացի Մարտիրոս եպիսկոպոսն» վերնագիրը կրող վէպին մէջ, 15-րդ դարուն: Ատենին, հայ հոգեւորականը, ճանապարհորդելով Եւրոպայի տարածքին, գրած է ուղեգրական նոթեր, որոնց մէջ տեղ է յատկացուած նաեւ Զուիցերիոյ նկարագրութեան:

Հայերու ներկայութիւնը Զուիցերիոյ մէջ սկսած է շեշտուիլ 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն, երբ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն հայ երիտասարդներ հաստատուած են հոն` զուիցերիական համալսարաններու մէջ բարձրագոյն ուսում ստանալու նպատակով: 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին Պազելի, Լոզանի, Ժընեւի, Ցիւրիխի եւ զուիցերիական այլ համալսարաններու մէջ ուսանած են մեծարժէք հայ գրողներ` Ռուբէն Սեւակը, Աւետիս Ահարոնեանը, Աւետիք Իսահակեանը, Դերենիկ Դեմիրճեանը, հրապարակախօս Գրիգոր Արծրունին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս` պոլշեւիկներու ձեռամբ խեղդամահ եղած Խորէն Մուրադբէկեանը եւ ուրիշներ:

Ծանօթ է, որ 1887-ին Ժընեւի մէջ հիմնուեցաւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը: Իսկ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի հրատարակութեան առաջին շրջանը` 1891-1914, կատարուեցաւ Ժընեւի մէջ: 1907-ին Լոզանի համալսարանի ուսանողները հիմնեցին «Արմենիա» միութիւնը, իսկ 1914-ին` «Տեղեկատու բիւրօ» կազմակերպութիւնը: Մինչեւ մեր օրերը Զուիցերիոյ մէջ կը գործէ հայկական փոքրաթիւ, բայց աշխուժ գաղութ մը: Զուիցերիոյ հասարակութիւնը մշտապէս հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Հայաստանը յուզող հարցերու նկատմամբ: 1894-1896, համիտեան կոտորածներէն ետք, Զուիցերիոյ հայասէր շրջանակները դիմեցին երկրի կառավարութեան` պահանջելով, որ իշխանութիւնները դատապարտեն հայերու ջարդը եւ բողոք յայտնեն Օսմանեան կայսրութեան դէմ: 1897-ի մարտին Զուիցերիոյ կառավարութիւնը քննարկեց այդ դիմումը եւ հանդէս եկաւ պաշտօնական յայտարարութեամբ` հայերու կոտորածը Օսմանեան կայսրութեան մէջ որակելով որպէս ոճրագործութիւն մարդկութեան դէմ: Պատահական չէ, որ մեր օրերուն Զուիցերիա օրէնքով կը պատժէ հայասպանութեան փաստը ուրացողները: Զուիցերիացի հայասէրներու կազմակերպման առաջին քայլերէն մէկը կը նկատուի Պալէ քաղաքի քահանայ Փոլ Ռիկենպախի «Հայերու զուիցերիացի բարեկամներու ընկերութիւն» բարեխնամ հաստատութիւնը, որ 19-րդ դարավերջին որբանոցներ եւ անվճար բժշկական հաստատութիւններ հիմնեց Թուրքիոյ հայաբնակ շրջաններուն մէջ: Իսկ 1920-ին հիմնուեցաւ «Զուիցերիոյ հայասէրներու ընկերութիւնը», որ նպատակ ունէր դիւանագիտական եւ քաղաքական միջոցներով պաշտպանելու Հայաստանի Հանրապետութեան` իբրեւ հայոց անկախ պետութեան իրաւունքները: Այդ ընկերութիւնն էր, իր ղեկավարներէն խորհրդարանի անդամներ Ճիւզեփփէ Մոթթանի եւ Կիւստաւ Ատորի գլխաւորութեամբ, որ հիմնական դեր խաղաց 4-7 սեպտեմբերին, 1922 թուին, Ժընեւի մէջ «Հայասէրներու միջազգային լիկա»-ին համագումարը կազմակերպելու աշխատանքին մէջ:

Թրքական պետութեան գործադրած հայասպանական մեծ ոճիրին դէմ միջազգային դատապարտումի ուժեղ ալիք բարձրացուցած համագումարին 96-ամեակը ոգեկոչելով` կ’արժէ հայ քաղաքական մտքի օրակարգին վրայ բերել հրամայական անհրաժեշտութիւնը` նախաձեռնելու եւ կազմակերպելու, մեր օրերուն, իրապէս համաշխարհային ընդգրկումով Հայ դատի միջազգային բարեկամներու համագումար մը:

Կառավարական, քաղաքական, հասարակական, ակադեմական եւ ընդհանրապէս ազատախոհ ու մարդասէր մտաւորական երեւելի դէմքերու մասնակցութեամբ, առաջադրուած համագումարը, այս անգամ, կոչուած է շեշտակիօրէն քաղաքական բնոյթ եւ հնչեղութիւն ունենալու եւ ողջ աշխարհին յիշեցնելու, այլեւ ու մանաւանդ Թուրքիան պարտաւորեցնելու, որպէսզի պետականօրէն հատուցէ 103 տարի առաջ իր գործադրած, բայց մինչեւ այսօր անպատիժ մնացած հայ ժողովուրդը բնաջնջելու եւ Հայաստանի բռնագրաւումը «օրինականացնելու» ցեղասպանական, այլեւ քաղաքական մեծ ոճիրը` ամբողջապէս վերականգնելով հայրենահան հայութեան ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ մարդկային իրաւունքները, Մեծն Արդարութիւնը:

 

 


Խմբագրական. Լիբանանեան Տագնապներու Ակունքին Կանգնած Խնդիրներ

$
0
0

Կը թուի, որ կառավարութեան կազմութեան գործընթացի աւանդական եղանակէն շեղում կատարած է Լիբանանը: Երբ երկարատեւ խորհրդակցութիւններէ ետք լուր կը հրապարակուէր, որ վարչապետը պիտի ներկայանայ նախագահական պալատ` ներկայացնելու համար կառավարութեան կազմը, Լիբանանի քաղաքացիները ներքին համոզումով գիտէին, որ ամէն ինչ համաձայնեցուած է եւ նախագահը պարզապէս պիտի հաստատէ առաջարկուած կազմը:

Աւանդական այս բեմագրութիւնը այս անգամ չարդիւնաւորուեցաւ: Աւելի ճիշդը, համատարած համոզումը չկար, որ նախագահ-վարչապետ հանդիպումէն կամ կառավարութեան կազմի ներկայացումէն ետք պիտի բխէր կառավարութիւնը: Տպաւորութիւնը այն էր, որ կազմութեան այս ոդիսականի կարեւոր արար մը ցուցադրելու փուլը կը սպառէր այս ձեւով, որմէ ետք նոր անորոշ առկախումի փուլ կը սկսէր:

Նախագահին կողմէ հնչած Սահմանադրութիւնը օգտագործելու իրաւունքը երէկ յստակացաւ, երբ խորհրդարանի նախագահը պարզ դարձուց, որ նախագահը նամակով պիտի դիմէ խորհրդարանին` կառավարութեան կազմութեան հարցով:

Այստեղ եւս պարզ չէ, որ սահմանադրական ի՛նչ ընթացակարգ կրնայ օրինականացնել կառավարութեան կազմութիւնը: Նախագահին կողմէ նամակով դիմումը որեւէ արտակարգ տնօրինում կատարելու օրէնսդրական հիմք չունի եւ հետեւաբար անորոշ առկախումի տեսութիւնը չի չէզոքացուիր: Բարոյական-գիտակցական կոչի սահմաններուն մէջ մնալու ենթադրութիւնը այս պայմաններուն մէջ աւելի կը գերակշռէ:

Մեկնաբանութիւնները կը կեդրոնանան որոշակիօրէն արտաքին գործընթացներու վրայ. յատկապէս ճակատագրական պատերազմական արար կը սպասէ Սուրիան Իտլիպի մէջ, ուր ներգրաւուած են տարածաշրջանային ուժեր: Անոնց համակարգուիլը կամ իրար բախիլը կրնան հզօր ազդեցութիւն ունենալ լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ եւ այդ ճամբով ազդել կառավարութեան կազմութեան արագացման կամ առկախման վրայ:

Միեւնոյն ազդեցութիւնը եւ գուցէ աւելին կրնայ կապուիլ ոչ շատ ուշ հրապարակուելիք նախկին վարչապետի սպանութեան կապուած միջազգային դատավճիռին հետ: Այստեղ արդէն կառավարութիւնը բաղկացնող հիմնական ուժերուն միջեւ որեւէ հասարակ յայտարար կրնայ չգոյանալ` վճիռը ընկալելու քաղաքական մօտեցումներուն միջեւ:

Արգելակիչ պայմաններուն մէջ սակայն կայ նաեւ ներքին դրուածք: Թէ՛ ներհամայնքային եւ թէ՛ միջհամայնքային անհամաձայնութիւններու խորքը ի վերջոյ տուեալ համայնքի ճիշդ ներկայացուածութեան հարցն է. նախ համայնքի չափաբաժինը, յետոյ նաեւ համայնքը ներկայացնողներու հանգամանքները: Եթէ համակարգը ամբողջ միջհամայնքային է եւ քաղաքական կեանքի հիմը համայնքներու վրայ հիմնուած, ապա ուրեմն շատ կարեւոր է, որ անկախ իւրաքանչիւր համայնքի տրուելիք չափաբաժինէն, իրաւաքաղաքականօրէն համոզիչ դառնայ իւրաքանչիւր համայնքի ներկայացուածութիւնը:

Սկզբունքներու յարգման նման վերլուծում մը կը յանգի ի վերջոյ խորհրդարանի կազմութեան եղանակին. այլ խօսքով` ընտրական օրէնքին: Արդար եւ իրողական ներկայացուածութիւն ապահովող ընտրական օրէնքի հիման վրայ ընտրուած խորհրդարանն ու անկէ բխած կառավարութիւնը աւելի օրինաչափ, ընկալելի եւ համեմատաբար դիւրին կազմելի կ՛ըլլար, եթէ անշուշտ կը խօսինք միայն ներքին արգելակիչ պատճառներու մասին:

Այնքան ատեն որ ընտրական օրէնքը համեմատական-մեծամասնական-համայնքային-վարկանշային  ընտրակարգերու խառնուրդով կը խախտէ իրողական ներկայացուածութեան պատկերը, այս կամ այն անհատը, որ կրնայ նաեւ աղերս չունենալ իր համայնքին հետ, կ՛օգտուի համայնքին վերապահուած չափաբաժինէն եւ տեսականօրէն կրնայ ներկայացնել համայնքը:

Կառավարութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն գործադիր արտացոլացումն է քաղաքագիտականօրէն: Հիմը ուրեմն պէտք է կազմել Լիբանանի պետական կառուցակարգի ընդառաջ համայնքներու իրաւունքներն ու ներկայացուածութեան իրաւունքը յարգելով:

Այսպիսով ալ պէտք է ընկալել ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով օրին կատարուած յայտարարութիւնները, որ գործողօրէնքը կը խախտէ համակարգը. այն համակարգը, որ հիմնուած է համայնքներու ներկայացուածութեան վրայ:

Հռիփսիմէ Մկրեան Խաչատուրեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով.

$
0
0

«Գիտեմ Մահը Բոլորին Է, Բայց Կարծեցի Զիս Պիտի Շրջանցէ»

Ուիլիըմ Սարոյեան

Վերջին հրաժեշտով քառասուն օր առաջ հողին յանձնուեցաւ մարմինը Հռիփսիմէին, որուն համար անհրաժեշտը իր սիրած ու պատկանած ընտանիքին համար զոհաբերուիլն էր:

1 օգոստոս 2018-ին, ամառնային օր մը, յաւերժականի ուղեւոր դարձաւ սիրելի եւ յարգելի անձ մը` Հռիփսիմէ Մկրեան Խաչատուրեանը:

Երբ մահը արդէն դարձած է ամէնօրեայ ներկայութիւն, հարազատի մը մահագոյժը կը յուշէ մեզի, որ մահը անբաժան ստուեր մը ըլլալէ աւելի կը դառնայ մեր ուղեկից:

Այսօր մեր յիշողութեան մէջ կը պատկերուի բարի ու ժպտադէմ, տարիներու բեռան տակ կքած, շէնշող բնաւորութեամբ, մնայուն ժպիտով, հայ մօր ամրակուռ հաւատքով, անանձնական սիրոյ ապրումներով եւ ապագայի հանդէպ միշտ վառ յոյսերով լի անձ մը, որ կեանքի թոհուբոհին մէջ չշփոթեցաւ, այլ մնաց միշտ հեզ ու բարի:

1945-ին Հռիփսիմէ Մկրեան կ՛ամուսնանայ Մանուէլ Խաչատուրեանի հետ, ապա անոնք կը կազմեն իրենց բոյնը: Ամենակարողը անոնց կը շնորհէ չորս զաւակներ` Զարմինէ, Վիոլէթ, Գէորգ եւ Սեդա:

Մեծ ուրախութեամբ կատարեց մայրական-ընտանեկան պարտականութիւնները: Մնաց համեստ, աննուաճ աշխատող, անտեսեց բարձր պաշտօններու տիրացումը, ձեռք երկարեց բոլոր անոնց, որոնք կարիքը ունէին իր ծառայութեան:

Չորս զաւակներու մայր, կը բաւարարուէր առողջ դաստիարակութիւն ջամբելով իր զաւակներուն: Տարիներ ամբողջ ընտանեկան այս ուրախ մթնոլորտը յանկարծ գեհէնի կը վերածուի, երբ 1976-ին Լիբանանի եղբայրասպան պատերազմին իր մէկ հատիկ մանչ զաւակը` Գէորգը, կը զոհուի կոյր փամփուշտի մը հարուածով:

Անսակարկ ծառայութեան մարմնացում` ոչինչէն շատ բաներ կերտեց եւ բարի յիշատակներով հեռացաւ, սիրեց եւ սիրուեցաւ:

Որքա՞ն դժուար եղաւ այս տողերը գրել, հակառակ քառասուն օրերու թաւալումին, երբ վերջին հրաժեշտով լքեց այս աշխարհը` անդենականին մէջ ապահովելու անկիւն մը` արժանի յաւիտենական լոյսին ու խաղաղութեան:

Կարծես երէկ էր, անկողնին մէջ գամուած կ՛ուզէր արտաբերել հազիւ լսելի նախադասութիւն մը` «ես պիտի մեռնիմ», եւ աւելցուց ըսելով` «առողջութիւն եւ համերաշխութիւն կը մաղթեմ բոլորիդ»: Ան վերահաս էր իր վախճանին անխուսափելիութեան, եւ այդպէս ալ եղաւ:

Դուստրերը, Զարմիկը եւ Սեդան ոչ մէկ գուրգուրանք զլացան` հաւատալով, որ քանի մը շաբաթէն ոտքի ելլելով պիտի ուրախացնէր բոլոր զինք սիրողները:

Գալով իր ընտանեկան կեանքին, ապրեցաւ սիրով լեցուն օրեր ամուսնոյն եւ զաւակներուն հետ, մայրական անսահման զգացումներով ուրախացաւ:

Դիւրին չեղաւ դիմագրաւած վերջին տարիները, սակայն լուռ պայքարեցաւ` միշտ աղօթելով Աստուծոյ: Իր այդ վիճակին մէջ, երախտապարտ, շնորհակալ զգացումները կը փոխանցէր շուրջիններուն, որոնք անխնայ իրեն հետ էին:

Նկարագրելով անոր յատկութիւններն ու շեշտուած հայրենասիրութիւնը, պէտք է նկատի առնել ու ընդգծել Հռիփին անբասիր շաղուածքը, բարի, հիւրասէր եւ հայրենասէր ոգին, հարցերը իրենց յատուկ եղանակային բարեմասնութեան դիտելու կերտուածքը, գաղտնապահ ու եսասիրութենէ եւ ինքնագովութենէ հեռու մնալու հայուհիի կերպարը: Իր պարկեշտութեամբ, անսակարկ նուիրումով ան եղաւ իր շրջապատին մէջ սիրելի մայրը:

Երկար տարիներ եղաւ վարչական անդամ Էյպեզի հայրենակցական միութեան տիկնանց յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ ծառայութիւններ մատուցեց ԼՕԽ-ի մէջ` իր փոքր ընտանիքին կողքին իր սէրն ու գուրգուրանքը մատուցելով նաեւ հայկական միջավայրին:

Այո՛, դրացիները յարմար առիթներով յաճախ կ՛այցելէին իրեն, իբրեւ մտերիմներ, ուր տեղի կ՛ունենային փոխադարձ սիրոյ ու բարեկամական զրոյցներ եւ այնքան հետաքրքրական կը դառնային անոնք, որ կը մոռնային ժամանակին սահիլը:

Մեկնումէն քառասուն օր ետք, երբ հանդարտ կերպով պիտի նայինք անցեալին, դառնօրէն պիտի զգանք Հռիփին բացակայութիւնը: Ճիշդ է բնութեան օրէնքը` արժէքները իրենց բացակայութեան կը զգացուին: Թերեւս մտածողներ եղան, որ անոր կատարածը մեծ բան չէր, բայց ոչ ոք կրնար մտածել եւ ըսել, որ անոր ներկայութիւնը անհրաժեշտութիւն չէր:

Ամենակարող Արարիչը երկինքի արքայութեան յաւիտենական լոյսին ու հոգիի խաղաղութեան արժանի ընէ:

Վարձքդ կատա՛ր, շատ սիրելի հաւատաւոր Հռիփ, հողը թեթեւ ըլլայ վրադ:

Ակնածանքով եւ երախտագիտութեամբ պիտի  յիշենք քեզ, հանգիստ ու խաղաղ ննջէ:

Խունկ ու մոմ անթառամ յիշատակիդ:

«ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ»:

ՀԱՐԱԶԱՏ ՄԸ

Շուէտը Դարձեալ Կարիքը Ունի Ընկերվար-Ժողովրդավարական Կառավարութեան

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ 1928-էն մինչեւ օրս գրաւած է քուէարկողներուն քուէները ստանալու առաջին դիրքը եւ աւելի քան 50 տարի կառավարութիւններ գլխաւորած է:

Այդ 50 տարիներուն ընթացքին ընկերվար-ժողովրդավարները յաջողեցան նուազեցնել ընկերային անհաւասարութիւնը եւ վերջ դնել ամէն տեսակի խտրականութեան: Անոնք հարստութեան արդար բաշխման քաղաքականութեան միջոցով կրցան Շուէտը դուրս բերել 1930-ականներու տնտեսական ճգնաժամէն, եւ Շուէտը դարձաւ աշխարհի լաւագոյն պետութիւններէն մէկը (եթէ ոչ` լաւագոյնը) ընկերային ապահովագրութեան, բարեկեցութեան, բնակարանային ապահովման, աշխատաւորներու իրաւունքներու յարգման, ձրի ուսման եւ առողջապահութեան առումով:

2006-էն մինչեւ 2014 կառավարութեան գլուխ գտնուեցաւ ազատականներէ եւ պահպանողականներէ կազմուած «Դաշինք»-ը, բաղկացած` չորս կուսակցութիւններէ, ներառելով պահպանողական, քրիստոնեայ-ժողովրդավար, կեդրոն եւ ազատական կուսակցութիւնները: Յիշեալ դաշինքի ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւնը արմատականապէս կը տարբերէր ընկերվար-ժողովրդավարներու կիրարկածէն. «Դաշինք»-ը զարկ տուաւ սեփականաշնորհման հոլովոյթին, որուն ենթարկուեցան կրթութեան եւ առողջապահութեան բնագաւառները: Այսպիսով, կրթական եւ առողջապահական բնագաւառներուն մէջ հրապարակ եկան այնպիսի ընկերութիւններ, որոնք իրենց շուկայական շահերը աւելի առաջնահերթ նկատեցին, քան` մարդկային պահանջները:

Ինչպէս գիտենք, Շուէտը յարմար վայր մը դարձած էր Միջին Արեւելքէն փախուստ տուած գաղթականներուն, որոնք ճողոպրած էին պատերազմներէն: Սեփականաշնորհման հոլովոյթը բացասականօրէն ազդած էր անոնց վրայ, մանաւանդ` կրօնական դպրոցներու բազմացումով, որոնք կրօնամոլութեան թափ տուին եւ խոչընդոտ հանդիսացան գաղթականներու համարկման հոլովոյթին:

«Դաշինք»-ի տնտեսական ազատական քաղաքականութիւնը ոչ միայն  բացասականօրէն ազդեց գաղթականներուն վրայ, այլ նաեւ` բնիկ շուէտացի աշխատաւոր դասակարգին վրայ: Անոնք կորսնցուցին իրենց ընկերային բարեկեցութեան պետական ծախսի մեծ մասը:

Բնիկ շուէտացի աշխատաւոր դասակարգին անտեսումը եւ կեդրոնացումը` գաղթականներու բարեկեցութեան վրայ, զէնք մը դարձաւ ծայրայեղ աջ Շուէտի ժողովրդավարներ կուսակցութեան ձեռքը:

Ընկերվար-ժողովրդավարներն ու «Դաշինք»-ը յաճախ միշտ ալ թեր եղած են, որ Շուէտը իր դռները բանայ գաղթականներուն, սակայն բարեկեցիկ համակարգի մասամբ սեփականաշնորհումը («Դաշինք»-ին կողմէ) եւ յաւելեալ ծախսերը գաղթականներուն վրայ, անվստահութիւն յառաջացուցին բնիկ շուէտացի աշխատաւոր դասակարգին մէջ:

Ընկերվար-ժողովրդավարները վաղուան ընտրութիւններուն կը մասնակցին «Աւելի զօրաւոր ընկերութիւն, աւելի ապահով Շուէտ» կարգախօսով: Անոնց ընտրական մանիֆեստը կեդրոնացած է 2006-2014 տարիներուն ընթացքին տնտեսական ազատական քաղաքականութիւններէն յառաջացած ընկերային անարդարութիւնը վերացնելու եւ ցեղապաշտութեան ու կրօնամոլութեան վերջ տալու վրայ:

Ծայրայեղ աջ Շուէտի ժողովրդավարները, ցեղապաշտ եւ այլամերժ գաղափարներ քարոզելով, արդէն իսկ ատելութիւն սերմանած են շուէտական հասարակութեան մէջ, իսկ միւս կողմէ ալ կրօնական դպրոցներուն թիւը բազմացած է, ինչ որ խոչընդոտ սկսած է հանդիսանալ` մեկուսացնելով կրօնական որոշ պատկանելիութիւն ունեցող իւրաքանչիւր աշակերտ: Այսպիսով, կրօնական դպրոցները աղբիւր դարձած են կրօնամոլութեան: Ընկերվար-ժողովրդավարները քննելով այս երեւոյթը` խոստացած են ջնջել կրօնական դպրոցները: Այսպիսով, մէկ կողմէ ջնջած կ՛ըլլան մոլեռանդութեան եւ այլամերժութեան աղբիւրը, իսկ միւս կողմէ ալ յաւելեալ ծախսեր կը տրամադրեն հանրային կրթական հաստատութիւններուն: Ընկերվար- ժողովրդավարները նաեւ խոստացած են դիւրացնել գաղթականներուն մուտքը աշխատանքային շուկայ: Ընկերվար-ժողովրդավարները կը խոստանան քրէականացնել ահաբեկչական խմբաւորումներու մաս կազմելը եւ ահաբեկչութեան քարոզիչներուն արգիլել մուտք գործել Շուէտ: Ազգային ապահովութեան վերաբերեալ, ընկերվար-ժողովրդավարները յայտնած են, որ միտք չունին համագործակցելու ծայրայեղ աջին հետ, այլ միայն պիտի համագործակցին այն ուժերուն հետ, որոնք կը հաւատան ժողովրդավարութեան արժէքներուն:

Ինչ կը վերաբերի մանիֆեստի ընկերային-տնտեսական առաջադրանքներուն, ընկերվար-ժողովրդավարները արդէն շատոնց յայտնած են, որ` «շուէտական մոտելը պէտք է զարգանայ եւ ոչ թէ կանգ առնէ»: Հետեւաբար անոնք կը խոստանան ընդլայնել վճարովի արձակուրդերը, որպէսզի աշխատաւորները յաւելեալ ժամանակ անցընեն իրենց ընտանիքներուն հետ, բարձրացնել թոշակը, վերջ տալ բարեկեցութեան սեփականաշնորհման հոլովոյթին` մերժելով անձնական սեփականատիրութեան տակ գտնուող դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու օրինականացումը, դրամատուներուն ու բարձր եկամուտ ունեցող անհատներուն վրայ հարկերու բարձրացում եւ յաւելեալ ծախսեր տրամադրել` զօրացնելու համար ընկերային բարեկեցութեան համակարգը: Մանիֆեստը նաեւ կ՛անդրադառնայ սեռային բռնութիւններուն, ուր կ՛առաջադրէ զօրացնել սեռային կրթութիւնը դպրոցներուն մէջ, սեռերու միջեւ հաւասարութիւն ապահովել` ընտանեկան, աշխատանքային եւ ընկերային կեանքին մէջ ու սեռային հաւասարութեան ի նպաստ արտաքին քաղաքականութիւն որդեգրել, ուր կը հետապնդուին կիներու իրաւունքները եւ հաւասար ներկայացուցչութիւնը: Նաեւ` ընկերվար-ժողովրդավարները կը խոստանան, որ մերժեն ծայրայեղ աջի` վիժումի արգիլման առաջարկը:

Ինչպէս որ 1930-ականներուն Շուէտի ընկերվար-ժողովրդավարութեան բարեկեցութեան օրինակը դարձաւ միջազգային ընկերվար-ժողովրդավարական շարժման ազդեցութեան աղբիւր, այսօր ալ պիտի դառնայ աղբիւր` վերադարձ կատարելով ընկերվարական արմատներուն: Շուէտի ընկերվար-ժողովրդավարներուն յաղթանակը, իրենց ներկայ նախընտրական մանիֆեստով, որ կը կոչուի «Արդի ժամանակներու ամէնէն ապահովագրական ծրագիրը», կը նշանակէ ամբողջ ընկերվար-ժողովրդավարական մտածողութեան յաղթանակ` ընդդէմ նոր-ազատականութեան եւ ծայրայեղութեան:

https://www.socialdemokraterna.se/globalassets/andra-sprak/val-2018/folder_augusti_eng_uppslag.pdf

 

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Օգոստոս Ե. –Սուրիահայ Նահատակներուն Բացած Ուղին

$
0
0

Հինգշաբթի, 30 օգոստոսին Հալէպի Սուլէյմանիէ շրջանին մէջ գտնուող պետական «Տիմեշք» վարժարանը վերանուանուեցաւ` կրելով սուրիահայ նահատակ Գրիգոր Աշնաքլեանին անունը:

Սուրիոյ նախագահին որոշումով իրականացած այս նախաձեռնութիւնը խորքին մէջ քանի մը պատգամ կը փոխանցէ:

Առաջինը` Սուրիոյ ժողովուրդին, իր բոլոր բաղադրիչներով, մէկ ամբողջութիւն ըլլալու պատգամն է: Պատերազմի տարիներուն մենք ականատես եղանք, եւ տակաւին կ՛ըլլանք, քաղաքական հեռանկարներով սուրիական ընկերութիւնը մասնատելու բազմակողմանի ճիգերու: Նման ծրագիրներու դէմ պայքարելու ձեւերէն մէկն ալ ժողովուրդին միասնութեան պահպանումն ու ամրապնդումն է բնականաբար:

Երկրորդը` երկրի բազմակողմանի ոլորտներու զարգացման սուրիահայութեան բերած կարեւոր ներդրումին ընդգծումն է` պատերազմի թէ խաղաղութեան տարիներուն հաւասարապէս: Երբ յիշեալ ներդրումին ակնարկութիւն կ՛ընէ երկրի առաջին դէմքը սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին եւ ապա գործնական քայլերով կը շեշտադրէ այդ ներդրումին կարեւորութիւնը, առաւել մեծ պատասխանատուութիւն մը բեռցուած կ՛ըլլայ սուրիահայութեան ուսերուն, բնականաբար, վերանորոգ թափով շարունակելու իր երթը եւ աշխատանքային նորովի կշռոյթով մաս կազմելու երկրի վերականգնումի գործընթացին:

Այս պատգամը աննկատ պէտք չէ մնայ նաեւ սփիւռքահայ եւ հայրենի մեր ժողովուրդին կողմէ, որովհետեւ սուրիահայ համայնքը նաեւ Սուրիա-Հայաստան կամրջումին նպաստող, սուրիահայ համայնք-հայկական սփիւռք գործակցութեան համար պարարտ հող ընդգրկող համայնք է, ու հակառակ իր կրած ծանր հարուածներուն` կը շարունակէ պահպանել իր գոյատեւման խարիսխները ու կը ձգտի, պէ՛տք է ձգտի այդ խարիսխներու ամրապնդման:

Երրորդը` ոչ միայն հայ, այլեւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ համայնքներուն նկատմամբ յարգանքի դրսեւորումն է` անոնց մշակութային ինքնուրոյնութիւնը պահելով, կրօնի ազատութիւնը յարգելով եւ սուրիական ընկերութեան խճանկարին անբաժան մէկ մասնիկը համարելով զիրենք, առանց խտրութեան: Սուրիոյ մէջ այսպիսի յարգանք վայելած են քրիստոնեայ համայնքները ընդհանրապէս, հայ համայնքը մասնաւորապէս` իր ազգային ուղեգիծին, հաւատարիմ գործակցութեան, Սուրիոյ յառաջընթացին բերած իր անվերապահ ներդրումին ու այս երկրին տածած սիրոյն ու կապուածութեան շնորհիւ:

Իսկ ի՞նչ է մեր ընելիքը այս բոլորին դիմաց…

Նախ եւ առաջ ինքնակազմակերպումն է: Պատերազմի տնտեսական, հոգեբանական դժուարութիւնները թօթափելով` անհրաժեշտ է վերակազմակերպել մեր բոլոր կառոյցներուն գործունէութիւնը, նոր գործելաոճ որդեգրել, քննական մտածողութեամբ, ինքնասրբագրումի յանդգնութեամբ յառաջանալ: Ապա նաեւ յարաբերական աշխուժ գործելակերպ մշակել` կարեւորելով, երիտասարդ նահատակ Գրիգոր Աշնաքլեանի զոհաբերութեամբ իսկ ընդգծուած, երիտասարդ տարրին մասնակցութիւնն ու ներդրումը:

Սուրիահայ համայնքին ներուժը լիիրաւ օգտագործելու հրամայականին դիմաց ենք այսօր, նոր հորիզոններ բանալու սուրիահայ մեր կեանքի վերաորակաւորման գործընթացին ընդառաջ, պահպանելու մեր տեղն ու դերը երկրի յառաջիկայ զարգացումներուն, սահմանադրական փոփոխութիւններուն եւ վերականգնումի աշխատանքներուն լոյսին տակ:

«Գ.»

Տեսակէտ. Կ՛ուզէինք Մասնակցիլ, Բայց…

$
0
0

Մեր աշխատակից Յակոբ Լատոյեանի «Տեսակէտ»-ը կը հրատարակենք հետեւեալ յաւելումով. Երեւանի մէջ երէկ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը պարզ դարձուց, որ Համազգայինը կ’աշխատի ապակեդրոն հիմունքով եւ իւրաքանչիւր շրջան իր միաւորներով մշակութային տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ կազմակերպելու կարելիութիւն ունի ամբողջ տարուան ընթացքին:

ԽՄԲ.

Համազգայինի 90-ամեակի տօնակատարութիւն Հայաստանի մէջ:  Շատ ուրախանալի եւ գօտեպնդիչ նախաձեռնութիւն մը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի եւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի առիթներուն զուգադիպող եւ խորքին մէջ մեծ նշանակութիւն ունեցող ու փոխանցող հանդիսութիւն է:

Սեպտեմբեր 9-ին «Սունդուկեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Համազգային մշակութային միութեան 90-ամեակի տօնակատարութիւնը` մասնակցութեամբ հայրենիքի մէջ վաստակ եւ մակարդակ ունեցող խումբերուն ու գեղարուեստական պատասխանատուութեամբ Համազգայինի «Սօս Սարգսեան» պետական թատրոնի տնօրէն, այժմու «Սունդուկեան» թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտչեանին: Վարձքը կատա՛ր բոլորին:

Այս բոլորէն անդին, իբրեւ համազգայնական եւ իբրեւ սփիւռքի մէջ հազարաւոր համազգայնականներ մամուլով անցեալ շաբաթ իմացանք նախաձեռնութեան մասին: Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ միութեան անդամները նախապէս իմացած ըլլային այս մասին, աւելի մանրամասն: Այս առիթով պէտք է հարց տալ` վաստակ ունեցող մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու ցանկի մը յատուկ հրաւէրներ ուղարկուա՞ծ են:

Եթէ առիթ ըլլար ծրագիրի մշակման մասնակցելու, պիտի առաջարկէի, որ այս հանդիսութեան Համազգայինի միաւորներէն մէկը կամ երկուքը` երգչախումբ, պարախումբ, թատերախումբ, իրենց մասնակցութիւնը բերէին այս տօնակատարութեան:

Կ’առաջարկեմ, որ սփիւռքի մէջ ալ տօնենք Համազգայինի 90-ամեակ:

Համազգայինը Հայաստանի մէջ կառոյց չունի, անդամ չունի. մշակութային, կրթական, հրատարակչական եւ գեղարուեստական մարզին մէջ սփիւռքի կառոյցներն են, որ միութենական աշխատանք կը տանին: Ուստի անոնք պէտք է ներգրաւուէին 90-ամեակի տօնակատարութեան:

Պիտի փափաքէի, որ 90-ամեակը տօնուէր համահայկական տարողութեամբ:

Շնորհաւոր 90-ամեակը, կ՛ուզէինք մասնակից ըլլալ, բայց…

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live