Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Շաբաթ Մը Ծովու Վրայ

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Արձակուրդով Ալասքա երթալու ժամանակ, շաբաթ մը ծովու վրայ հաճելի օրեր անցուցինք ընտանիքս ու ես: Այդ շաբթուան ընթացքին, դիտումնաւոր, աշխարհէն կտրուած էի: Չէի ուզեր ո՛չ կարդալ, ո՛չ ալ գրել: Շքեղ զբօսանաւուն վրայ, տեղեակ չէի, թէ ի՛նչ կ՛անցնի կը դառնայ մեր մոլորակին վրայ: Զբօսանաւուն վերելակներուն գետնի գորգերը ամէն օր կը փոխարինուէին այդ օրուան անունը կրող տարբեր գորգով մը, որ մեզի յիշեցնէր շաբթուան ո՛ր օրը ըլլալը: Բջիջային հեռաձայնս անջատած ու վերցուցած էի: Շաբթուան մը համար կ՛ուզէի «բուժուիլ» 21-րդ դարու վարակիչ հիւանդութենէն: Ամբողջ տարուան մը աշխատանքիս արդար հանգիստը կ՛ուզէի վայելել:

Յիշեցի Վրթանէս Փափազեանի «Շաթաթ մը ծառի վրայ» պատմուածքը, որուն մէջ   հեղինակը կը պատմէ, որ շաբաթ մը ծառի մը վրայ անցընելուն պատճառով իր մէջ արթնցած էր կարդալու սէրը: Իմ պարագայիս, պատահեցաւ հակառակը: Շաբաթ մը ծովու վրայ գտնուիլս պատճառ դարձաւ, որ կտրուիմ աշխարհէն: Տեղեակ չէի աշխարհի, ի մասնաւորի Հայաստանի մէջ կատարուած իրադարձութիւններէն` այնպիսի ժամանակի մը, երբ իւրաքանչիւր օր լաւ կամ գէշ նորութիւններով լեցուն է մեր հայրեիքը:

Նաւուն ճամբայ ելլելու ազդանշանը տալէն կէս ժամ ուշացումով է, որ նաւը վերցուց իր խարիսխը ու Խաղաղական ովկիանոսի «խաղաղ» ջուրերը կտրելով` Ուաշինկթըն նահանգի Սիէթըլի նաւահանգիստէն ճամբայ ելանք դէպի հարաւային Ալասքա:

Աւելի ուշ իմացանք ուշացումին պատճառը, եւ առաջին իսկ վայրկեանէն անտրամադիր սկսաւ արձակուրդս:

Զբօսանաւուն մեկնումին քանի մը վայրկեան մնացած` ճամբորդներէն մէկուն անհանգստութեան պատճառով ստիպուած եղած են ամենաարագ ձեւով, ուղղադիրով զայն փոխադրել հիւանդանոց մը:

Անմիջապէս յիշեցի, որ տասնամեակ մը առաջ, մեր արձակուրդի վայրը հասնելուն յաջորդ օրն իսկ, մեծ քոյրս` Ալիսը, արկածի մը պատճառով փոխադրուեցաւ մօտակայ հիւանդանոց մը, ուր 17 օր մահաքունի մէջ մնալէ ետք, իր անկենդան մարմինը միայն վերադարձուեցաւ Լոս Անճելըս:

Տեղեակ չեմ, թէ ի՛նչ եղաւ վախճանը այդ խեղճ ճամբորդին: Միայն մէկ բան յստակ է: Բոլորս ցաւեցանք, սակայն կարճ ժամանակ ետք ամէն մարդ արդէն մոռցած էր այդ տխուր դէպքը: Ո՛չ ոք, ներառեալ` այս տողերը գրողը, չբաժնեց անոր ընտանիքին վիշտը: Զբօսանաւուն մէջի անհատնում վայելքները մեզ մոռցնել տուին անոնց ապրած հոգեվիճակը:

«Կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ»:

* * *

Եւրոպական-ամերիկեան զբօսանաւուն վրայի 800-է աւելի անձնակազմին 99 տոկոսը եկած է Ինտոնեզիայէն, Հնդկաստանէն, Ֆիլիփինէն կամ ասիական այլ երկիրներէ: Բոլորը չքաւոր դասակարգի մարդիկ են, որոնք տարուան 9 ամիսը կ՛անցընեն նաւու վրայ, շաբաթը 7 օր աշխատելով, հեռու` իրենց ընտանիքներէն ու հարազատներէն:

Անմիջապէս կը զգաս դասակարգերու տարբերութիւնը: Նաւուն վրայ չկայ միջին դասակարգ: Կայ ունեւոր եւ … չունեւոր: Այդ մէկ շաբթուան ընթացքին, զբօսաշրջիկները, բոլորը անխտիր, «հարուստ» դասակարգին կը պատկանին: Բնաւ կարեւոր չէ, թէ նախքան այդ զբօսանաւուն վրայ գտնուիլը կամ հոնկէ մեկնելէ ետք, ի՛նչ էր իրենց նիւթական վիճակը: Կրնայ ըլլալ, որ անոնցմէ շատեր հեռու են «հարուստ» կոչուելէ, սակայն հոն` նաւուն վրայ, բոլորը անխտիր հարուստի մը կեանքը կը վայելեն, մինչ խեղճ սպասեակները օրն ի բուն կը փորձեն կարելի եղածին չափ գոհ ձգել զբօսաշրջիկները:

Անմիջապէս նմանութիւն մը կը գտնեմ մեր հայրենիքին հետ, ուր միջին դասակարգ գոյութիւն չունի ներկայիս:

Վերանկախացումէն քանի մը տարի ետք ղեկավար դասակարգը եւ անոնց անմիջական ընտանեկան պարագաները դարձան մեծահարուստներ, անդին` միջին  դասակարգի վիճակը օրէ օր վատթարացաւ եւ չքաւորներու թիւը շատ արագ մեծցաւ: Մեծ է թիւը ընտանիքին նիւթականը ապահովելու համար  Ռուսիա կամ այլ երկիրներ մեկնողներուն, յար եւ նման հայկական գաւառներէն Պոլիս գացող հայ պանդուխտներուն, կամ` նաւուն վրայի աշխատաւորներուն:

Մարդկային անարդարութիւն:

Քանի մը օր ետք հասանք Ալասքայի մեր ցանկին վրայի այցելելիք 4 քաղաքներէն առաջինը: Ճունօ:

Օրերով ցամաքի երես չէինք տեսած: Ամէն կողմ` կապոյտ ջուր, եւ յաճախ նոյնիսկ նաւուն յառաջանալը չէինք զգար: Լաս Վեկասի ամենաշքեղ քազինօ-պանդոկներէն մէկուն մէջ կը թուէինք ըլլալ, անհատնում զուարճալիքներով:

Գեղեցիկ քաղաք է Ճունոն: Գեղեցիկ է ամբողջ Ալասքան` իր լիճերով ու լեռներով:

Քանի մը տարի տարբերութեամբ, այս երկրորդ այցելութիւնս էր Ալասքա: Նախապէս այցելած էինք հիւսիսային մասը եւ հոն ինքնաշարժ մը վարձելով` շրջած էինք ամբողջ Ալասքան:

Մանկութեանս Ալասքան կ՛երեւակայէի անհատնում ձիւնածածկ տարածք մը: Այդպէս չէր: Օգոստոս ամիսն էր եւ ջերմաստիճանը` տանելի: Զարմանքս մեծ եղաւ, երբ մայրաքաղաք Էնքրիճի օդակայանէն դուրս ելանք, որովհետեւ երեւակայածէս բոլորովին տարբեր քաղաք մը պարզուեցաւ մեր աչքերուն դիմաց:

«Կարծես Ամերիկա ըլլար»` կատակելով ըսի կնոջս: Բարձր շէնքեր, լայն պողոտաներ:

«Ներկայիս Ամերիկա է, նախապէս Ռուսիոյ մաս կը կազմէր», յիշեցուց կինս: Ամերիկայի միւս նահանգներէն միակ տարբերութիւնը օրուան մեծ մասը տակաւին լոյս ըլլալն էր: Կէս գիշերը անց էր, եւ տակաւին արեւը չէր պահուըտած հորիզոնի ետին, իսկ արեւածագը` կէս գիշերէն քանի մը ժամ ետք էր միայն:

Շրջելով տարբեր վայրեր` որոշ տեղեկութիւններ քաղած էի, թէ ինչպէ՛ս նախ գրաւուած է ռուսերու կողմէ, տարիներ եղած է ռուսական հող:

19-րդ դարու կէսերուն Ռուսիա նիւթական նեղ կացութեան մէջ գտնուելուն պատճառով, 1867-ին, ամերիկացիք գնած են Ալասքան` փոխարէնը վճարելով 7,2 միլիոն տոլար: Ծերակուտականներէն շատեր դէմ կեցած են այդ գաղափարին` ըսելով, որ Ալասքայի սառոյցներուն համար կ՛արժէ՞ այդքան «մեծ» գումար վճարել:

Այդ շրջանին սկսած է սառոյցի վաճառականութիւնը: Տակաւին սառնարանի գիւտը չէր եղած, եւ սառոյցի արտածումը դէպի Ամերիկայի տարբեր նահանգներ` բաւական շահաբեր եղած է այդ տարիներուն:

Այս անգամուան այցելութեանս ներկայ գտնուեցանք բնիկներու ազգագրական պարերու ելոյթի մը, որմէ ետք պարախումբին անդամները ներկայ զբօսաշրջիկներուն առիթը տուին իրենց հետ նկարուելու, սակայն ես, փոխարէնը, առիթը ստեղծեցի հարցուփորձելու բնիկ ալասքացի կին մը, որմէ քաղեցի քանի մը յաւելեալ տեղեկութիւններ` իրենց ներկայի եւ անցեալի կենցաղի մասին:

Ալասքայի բնիկները այսօր իրենց իսկ հողերուն վրայ փոքրամասնութիւն են:

Սկզբնական շրջանին մերժած են իրենց զաւակները դպրոց ուղարկել, որպէսզի անոնք չսորվին դուրսէն ժամանողներու լեզուն, սակայն ժամանակ մը ետք տեղի տուած են, երբ իրենց առիթ տրուած է  շաբաթը մէկ կամ երկու պահ դասաւանդելու իրենց մայրենին:

Ներկայիս բնիկներու լեզուին դասաւանդումը արգիլուած է:  Թիւով քիչ են, եւ հազուագիւտ են իրենց մայրենիին ծանօթները: Որոշ թիւով մարդիկ կը փորձեն պահպանել իրենց մշակոյթին գէթ մէկ մասը: Ազգագրական պարերը եւ փայտի վրայ փորագրուած արձաններու  յաճախ կը հանդիպինք  քիչ մը ամէն տեղ, յատկապէս փորագրուած` ծառերու վրայ:

Մանկամարդ ալասքացի կնոջմէն ստացայ թղթիկ մը, որուն վրայ գրուած է քանի մը նմուշ իրենց գրեթէ անհետացած լեզուէն եւ անոնց անգլերէնի թարգմանութիւնը:

Կունալչեշ (Շնորհակալ եմ)
Ոուասա իյաթի (Ինչպէ՞ս ես)
Եա՛քէյի (Լաւ)
Ախխունի (Ընկերս)

* * *

Վերադարձանք զբօսանաւ: Շատեր ուղղուեցան դէպի նաւուն քազինոն, ուրիշներ լողաւազան, իսկ ես բարձրանալով նաւուն ամենաբարձր աշտարակը, արեւուն տակ երկնցած, դիտելով Խաղաղական ովկիանոսի կապոյտ ջուրերը, խոկացի ու երեւակայութիւնս գնաց հեռուները, մինչեւ` մեր պապենական հողերը, եւ բաղդատական մը ըրի հայերուս եւ Ալասքայի բնիկներուն միջեւ:

Երկու իրաւազրկուած ազգեր:

Մենք` հեռու մեր հողերէն, ցրուած աշխարհի չորս ծագերը, սակայն բարեբախտաբար ունինք փոքր տարածութեամբ հայրենիք մը, մինչ մեր հողերուն մեծ մասը տակաւին կը մնայ բռնագրաւուած, ուր կը «վայելեն» թուրքերն ու քիւրտերը:

Ալասքայի բնիկները տակաւին իրենց պապենական հողերու վրայ են, սակայն կորսնցուցած են իրենց լեզուն ու մշակոյթը:

Քանի մը ծաղիկով գարուն չի գար:

* * *

Շաբաթ մը առաջ «Վանայ Ձայն»-էն յուզումով ունկնդրեցի հարցազրոյց մը` քանի մը ՀՄԸՄ-ականներու հետ, որոնք որպէս ուխտաւորներ` բարձրացած էին Արարատ լեռը: Վստահաբար քիւրտեր եղած էին իրենց առաջնորդները:

Մե՛ր Արարատը, հայո՛ց Արարատը բարձրանալու համար պարտաւոր ենք դիմելու քիւրտերու: Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ բարձրաձայն աղօթելը «յանցանք» կը համարուի, եւ թուրք զինուորներ արգելք կը հանդիսանան, անդին` Ալասքայի սիգապանծ լեռները բարձրանալու համար բնիկ ալասքացին կարիքը չի զգար իր երկիրը բռնագրաւած մարդոց հրամանին կամ առաջնորդութեան:

Ալասքայի ժողովուրդը իր իսկ հողերուն վրայ փոքրամասնութիւն է, եւ նոյնիսկ արտօնուած չէ  դպրոցներու մէջ իրենց մայրենիին դասաւանդուիլը:

Ամէն հայ, բնականաբար, պիտի ցանկանար ապրիլ իր պապենական հողերու վրայ, սակայն ո՛չ այնպէս, ինչպէս` Ալասքայի բնիկները, որոնք կորսնցուցած են իրենց լեզուն եւ դարձած` ամերիկացիներ:

Ո՞վ աւելի բախտաւոր է: Իր լեզուն ու մշակոյթը կորսնցուցած, իր հողերուն վրայ բնակող բնիկ ալասքացի՞ն, թէ՞ մենք` հայերս, աշխարհով մէկ ցիր ու ցան, մեր պապենական հողերը տակաւին բռնագրաւուած, սակայն տակաւին կը պահենք մեր լեզուն ու մշակոյթը, մեր կրօնը, մեր եկեղեցին: Ունինք փոքր, շա՛տ փոքր հայրենիք մը, որ Հայաստան կը կոչուի, եւ ամենակարեւորը` ունինք յոյսն ու հաւատքը, որ ուշ կամ կանուխ, պիտի տեսնենք միացեալ, ազատ անկախ Հայաստանը:

«Ա՜խ, էն երկրի հողին մատաղ,
Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ,
Հրով լինի, սրով լինի,
Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ»

«Մենք չտեսնենք, մեր որդիքը, թոռիս թոռը կը տեսնի,
Հերթով լինի, երթով լինի,
Պիտի գնանք … վաղ թէ ուշ»:

 

Լոս Անճելըս, 2018

 


Դէմքեր Եւ Դէպքեր Պանդոկէն-Ամուրիները –Ամուրիները` Ղազար Չարըգ

$
0
0

ՎԱՀԷ Յ. ԱԲԷԼԵԱՆ

«Ղազար Չարըգը պէտք է հալածեն,
Պէտք է ազատիլ այդ անիծածէն
Իր գործերն իր պէս միշտ առեղծուած են,
Կ՛արժէ, որ խածնեն ու միշտ հալածեն»

Մէջբերումը ըրած եմ Թուրիկէն` «Ծիծաղ ազգային միջազգային» գիրքէն, որ լոյս տեսած է Պէյրութ, 1982-ին (էջ 190). «Քառեակ»-ը նախ լոյս տեսած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ 1 յունուար 1938-ին: Թուրիկը նման ակնարկներ ըրած է նախորդող տարիներուն ալ, նմանապէս «Ազդակ»` օրաթերթին մէջ, ուր ստորագրած է, Եդուարդ Տարօնեանին բառերով` «Հանրային առօրեայ հարցեր, սրամիտ խորհրդածութիւններով եւ զուարթ քաշքշուքներով համեմուած» գրութիւններ:

Ղազար Չարըգին մասին իմ տպաւորութիւններս, սակայն, կը սկսին այդ թուականէն շուրջ երեսուն եւ աւելի տարիներ ետք, երբ արդէն շատ ջուրեր հոսած պիտի ըլլային իր կեանքի կամուրջին տակէն: Շատ բան փոխուած պիտի ըլլար իր կեանքին մէջ: Որպէս մնայուն իրողութիւն` շատ հաւանաբար հետեւեալ երեք բաները մնացած էին իրեն համար` իր բնակավայրը, «Օթել լիւքս» պանդոկը եւ անոր պանդոկատէր տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ Զուարթ Աբէլեանները` իրենց ընտանիքով:

Առեղծուածային բան մը միշտ ընկերացած էր պրն. Ղազար Չարըգին: Արդէն անունն ալ արտասովոր էր` որպէս հայկական մականուն: Գիտէի, քանի որ իր մասին ընտանեկան խօսակցութիւններէն իմացած էի, որ Էրզրումէն էր: Բայց ոչ ոք գիտէր եւ չգիտցաւ` ուրկէ՞ ո՛ւր եւ ինչպէ՞ս կարնեցի այս մարդը հասած էր Լիբանան եւ դարձած էր Ազգային իշխանութենէն ներս հեղինակութիւն մը եւ տնօրէնը Էշրեֆիէի Ազգային վարժարանին, որ երկար ժամանակ ճանչցուած էր իր անունով, ինչպէս կը վկայէ իր նախկին աշակերտներէն Պօղոս Շահմելիքեանը իր մէկ յուշագրութեան մէջ:

Հայկազուն Եափուճեան իր «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ» (Պէյրութ, 2015) յուշապատումին մէջ հետեւեալը կը յուշագրէ. «Ղազար Չարըգը ճանչցայ 1939 թուին, երբ ստանձնած էր արդէն Էշրեֆիէի ազգային վարժարանին տնօրէնութիւնը: … Շատերու ծանօթ է Էշրեֆիէի նախկին տխուր եւ խեղճ վիճակը: Կիսաւեր տախտակաշէն վարժարան, խարխուլ եկեղեցի, աղքատ ժողովուրդ, ցնցոտիապատ աշակերտութիւն: Այս պայմաններուն մէջ ստանձնել տնօրէնի պաշտօն` կը պահանջէր անհատում կորով եւ ուժ» (էջ 190):

Ղազար Չարըգի մասին միակ յուշագրութիւնն է, որ կարդացած եմ` Հայկազուն Եափուճեանին վերոյիշեալ գիրքին մէջ: «Չկայ շինութիւն մը Էշրեֆիէի ազգապատկան կալուածներուն վրայ, որուն հիմերուն մէջ Ղազար Չարըգ քրտինք թափած չըլլայ: Ժողովուրդը արդարօրէն վարժարանը կը կոչէր Ղազար Չարըգի դպրոցը» (նոյն): Այդ ամբողջը տակաւին հոն է: Եթէ բան մը չկայ, այն ալ պրն. Ղազար Չարըգին անունին յիշատակութիւնն է տեղ մը: Այդ դպրոցը հետագային նորոգուեցաւ եւ կը ճանչցուի որպէս Չաթալպաշեան Ազգային վարժարան:

Արտաքինով գեղադէմ մարդ մըն էր: Միշտ կոկիկ հագուած` անխուսափելի իր բաճկոնակով եւ փողկապով: Միակ փոփոխութիւնը իր վերարկուն էր` ձմրան ցուրտ օրերուն համար: Իր առօրեայ շարժումներն իսկ ծանրաբարոյ էին, բայց խոժոր չէր: Ընդհակառակը, զուարթախօս էր, գէթ` պանդոկի ընկերային շրջապատէն ներս: Կը յիշեմ, որ զինք պատահմամբ տեսայ երջանկայիշատակ Զարեհ կաթողիկոսին յուղարկաւորութեան դագաղին հետեւող բազմութեան մէջ: Իր սովորական ծանր քայլերով եւ գլխարկով կը հետեւէր դագաղին: Նոյն այդ հեղինակութեամբ կը գործածէր հեռաձայնը, երբ պատահէր որ հեռաձայն ընելու կարիքը ըլլար պանդոկէն: Հիմա իսկ կը պատկերացնեմ զինք` ուղիղ կանգած, ընկալուչը ձեռքը: Իսկ հեռաձայնելէն ետք նոյն բացագանչութիւնը շուրջին` «Եղբա՛յր, հրաշալիք մըն է այս գործիքը»:

Այսպէս տարիներ անցան: Ծառուկեանին յիշած երբեմնի երրորդութենէն ինք մնացած էր միայն` կարծես որպէս մնացորդ մը: Իր կեցութեան առեղծուածը, բայց, տակաւին կը շարունակուէր: Նոյնիսկ Տէյզին, որ ամուսնանալով Հրաչին հետ` Եգիպտոսէն հարս եղած էր Թուրիկեաններուն, կը քաշքշէր պրն. Ղազարը, երբ պանդոկը եղած ըլլար հաւաքական ճաշի մը:

Ձախէն աջ` ոտքի Վահէ Աբէլեան, Ժոզէֆ Աբէլեան (հօրեղբայրս), նստած` Անդրանիկ Չէլէպեան (մօրեղբայրս), Ղազար Չարըգ, Յովհաննէս Աբէլեան (հայրս)

Պատահեցաւ անխուսափելին, եւ հօրս պէտք եղաւ ընկերակցիլ իրեն հիւանդանոց: Ի յայտ եկաւ, որ կ՛ապրէր նաւահանգիստին մօտերը, ուր կը գտնուէր նաեւ պանդոկը, արաբ ընտանիքի մը տան մէջ, սենեակի մը մէջ: Ունեցածը եղած են` անկողին մը եւ պահարան մը: Իր գրած գիրքէն, որ «Կարինապատում» կը կոչուէր, մնացած օրինակները պահ դրուած էին պանդոկ տեղ մը: Հիւանդանոցէն ետք եկաւ պանդոկ` բնակելու մեր ընտանիքին համար վերապահուած բաժինին մէջ, բայց շատ տկար էր: Մայրս միշտ մտահոգ էր իրմով: Իր սենեակին պատուհանը ներսէն պատուած էր անթափանց թուղթով: Մայրս պզտիկ մը քերեց, որ ճեղք մը բացուի, որպէսզի կարենայ հետեւիլ պրն. Ղազարին:

Հակառակ իր ուժասպառ վիճակին` ամէն ջանք կ՛ընէր եւ հագուած կու գար պանդոկի ճաշարանը` դիտելու համար նարտ խաղցողները: Անգամ մը հոն որոշ ժամանակ անցընելէ ետք վերադարձած էր իր սենեակը: Մայրս եկաւ ըսելու մեզի. «Պրն. Ղազարը առանց ժաքեթը կարենալ հանելու` փռուած է անկողնին վրայ»:

Կիրակի օր մըն էր, ճաշին հազիւ կրնար մասնակցիլ: Մայրս հարցուց իրեն, թէ սիրտը որեւէ ճաշ կ՛ուզէ՞: «Չե՞ս կարծեր, որ ալ անիմաստ է, Զուա՛րթ», ըսաւ: Մայրս երկար տարիներ պատեհ առիթներու կը յիշէր պրն. Ղազարին այդ խօսքը:

Չեմ յիշեր յուղարկաւորութիւնը: Ըսուեցաւ, որ պզտիկ ալ խնայողութիւն մը ունեցած է, որ նուիրած է կաթողիկոսարանին: Թաղուած է Հայ ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին մէջ:

Տարիներու ընթացքին պարբերաբար մօրս հետ յիշած ենք երկու ամուրիները` պրն. Եդուարդ Տարօնեանը եւ պրն. Ղազար Չարըգը: Մայրս կշտամբած, չըսելու համար այպանած է զիրենք, որ անձնակեդրոն եղան եւ ընտանիք չկազմեցին: Ուսուցչուհիին համար ընտանիք ունենալն էր, որ կ՛արդարացնէր ամէն բան, իսկ ընտանիք կազմելու նախաձեռնողը այրն է: Ես չէի համաձայներ իրեն: Վերջ ի վերջոյ երկուքն ալ հանրութեան մէջ ծանօթ եւ յարգուած մարդիկ էին: Բայց իրենց դիրքը նուազագոյն իսկ տարողութեամբ արդարացնող ընտանիք պահելու նիւթական կարելիութիւնը չունէին:

Պիտի չզարմանամ, որ պրն. Ղազարին եւ պրն. Տարօնեանին գլխաւոր  պարտականութիւնը եղած է ապահովել դպրոցին պիւտճէն: Արդէն պրն. Ղազարին հեղինակութիւնը` որպէս տնօրէն, կարծես աւելի շատ շուկային մէջ ունեցած իր վարկին շնորհիւ էր` ապահովելու համար իր դպրոցի պիւտճէն:

Այս կը հաստատեմ, քանի որ Սուրբ Նշանը աւարտելէս անմիջապէս ետք ծնողքիս առաջարկեց, որ ես աշկերտութեան մտնեմ հանրածանօթ վաճառականի մը քով որուն ինքը բարեխօս եղած է: Արդէն մեր ընտանիքին անդամը կը նկատէր ինքզինք եւ ուզած է բարեխօսել` իմ ապագայիս մտահոգութեամբ տարուած: Բայց մայրս զիս լաւ կը ճանչնար եւ գիտեր, որ իմ սէրս գիտութիւնն էր եւ ընթերցանութիւնը: Մայրս բացարձակապէս եւ կտրուկ մերժեց պրն. Ղազարին առաջարկը: Յաճախ կը մտաբերեմ այդ խօսակցութիւնը եւ ես ինծի հարց կու տամ, հապա՞ եթէ մայրս այդպէս չի մտածեր…

Այսպէս, կը կասկածիմ, որ ամսէ ամիս ամսական մը ստանալու հաւաստիութեան պերճանքը ունեցած եղած ըլլան այս երկու ամուրի տնօրէնները` Եդուարդ Տարօնեանը եւ Ղազար Չարըգը: Թերեւս եթէ այդպէս բացատրէի մօրս, չբաժնէր կարծիքս, բայց կը հաւատամ, որ ինքն իր ըսածին իրողութիւնը ապրած չէր եւ եթէ, այսպէս ըսուած, իրենց կօշիկներուն մէջ ըլլար, տարբեր բան պիտի չընէր:

Պատմեմ հետեւեալը.

Ամերիկա գաղթելէն ետք, 1976-ին, մայրս յաջորդ քանի մը տարիներուն եկաւ այցելութեան, մինչեւ որ դասաւորուի իր ալ գաղթը: Տարի մը միասնաբար հեռատեսիլ կը դիտէինք, որ ցոյց կու տար ցոյց մը: Մայրս հարց տուաւ, թէ որո՞նք էին ցուցարաները եւ ի՞նչ կ՛ուզէին: Ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներ էին, որոնք ամսականի յաւելում կը պահանջէին, բացատրեցի իրեն: Մօրս անմիջական եւ բնազդային պատասխանը եղաւ տառացիօրէն` «անօթի կը սատկիմ, բայց աշակերտներուս առջեւ դրամի համար ասանկ ցոյց չեմ ըներ»:

Հապա ի՞նչ պիտի ընէին ազգային վարժարանի տնօրէններ պրն. Եդուարդ Տարօնեանը եւ պրն. Ղազար Չարըգը: Որմէ՞ ինչ պիտի պահանջէին: Պատահած է, որ զուարթախօսութեամբ, պրն. Ղազարը իր մականունը նման ձայնահնչութիւնը ունեցող թրքերէն բառին նմանցնէ` դիւրացնելու համար սեղանակիցի մը իր մականունը յիշելը: Կատա՞կ էր: Ֆրէոյտեան վրիպում մը չէ՞ր արդեօք:

Սփիւռքը կառուցելու համար մատաղի պէտք կար: Երկուքը դարձան ինքնակամ պարարտ խոյերը այդ զոհասեղանին:

Յարգա՛նք եւ ակնածանք իրենց յիշատակին:

 

 

Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Շէնքը 1,5 Միլիոն Տոլարով Ծախու Կը Հանուի

$
0
0

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքի Սեթպաշ թաղամասին մէջ գտնուող եւ մօտաւորապէս 300 տարուան հինութիւն ունեցող հայկական եկեղեցին վաճառքի հանուած է 1,5 միլիոն տոլարով:

Եկեղեցւոյ վաճառքին մասին յայտարարութիւնը «սեփականատիրոջ» կողմէ տեղադրուած է «Bursasehirportali.com» կայքին վրայ:

Նկատի ունենալով, որ նշեալ անձը կը գտնուի արտասահման, վաճառքով կը զբաղի անշարժ գոյքի գործակալ մը:

Պուրսայի հիմնադրամներու շրջանային վարչութեան արձանագրութեանց մատեանին մէջ  1986-ին նշուած է, որ այդ կառոյցը եկեղեցի մը եղած է եւ լուսանկարներուն մէջ յստակօրէն կ՛երեւի քանդուած եկեղեցւոյ զանգակատունը:

Անշարժ գոյքի գործակալ Թայֆուն Օզենկինլերի համաձայն, նշեալ թաղամասը նախապէս հայերով բնակեցուած եղած է, իսկ քեմալական շարժումէն ետք (կարդալ` Ցեղասպանութենէն եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հաստատումէն ետք) եկեղեցին տարբեր նպատակներով օգտագործուած է, իսկ աւելի ուշ լքուած է իր ճակատագիրին:

Մինչեւ 1915 Պուրսայի եւ յարակից շրջաններուն մէջ եղած են 17 հայկական եկեղեցիներ: Անոնցմէ մէկն էր Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ 1980-ի ռազմական յեղաշրջումէն ետք երկրի ղեկավարութեան հրամանով քանդուած եւ վերածուած էր միջնակարգ դպրոցի: Մնացեալ եկեղեցիները տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կողմէ վաճառուած են եւ փաստօրէն ջնջուած` քաղաքին յիշողութենէն:

Անկարելի Նամակ Թիւ 3. Քառասունքի Մտորումներ

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Սիրելի՛ Արմէն Յարութիւնեան,

Գրեթէ քառասուն օր եղաւ, եւ գացիր առանց ըստ սովորութեանդ ՑԸ մը ըսելու:

Յուղարկաւորութենէդ ետք գրեցի քեզի հասցէագրուած թիւ 2 նամակը:  Պիտի չստանաս անիկա, պարզ այն պատճառով, որ չղրկեցի, մտածելով թէ …

Գրած էի յուղարկաւորութեանդ ու թաղումիդ մասին:  Նամակս շարունակած էի նաեւ անդենական մեկնումիդ խորհրդածութիւններով:  Մտորումներ, որոնք արտայայտեցի այնպիսի դիտարկումներով, որոնք անկարելի է, որ չանհանգստացնէին հայատառ մամուլի խմբագիրները, եւ տպագրուելու պարագային ալ` ընթերցողները: Կը ցաւիմ, որ ԱԶԳԱՅԻՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ չկատարուեցաւ քեզի նման անձի մը, որ իր ողջ կեանքին ընթացքին եղած է գլխագիր հայ եւ գլխագիր մարդ:  Մէկն էիր, որ կը հաւատայիր մարդակերտումի եւ հայակերտումի նուիրական առաքելութեան:  Փոխանակ այլ բարերարներու նման, անունդ յաւերժացնող կառոյցներ կերտելու, նախընտրեցիր նուիրատուութիւներդ ուղղել հայ ուսանողներուն, հայերէն եւ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու ու հայատառ մամուլին:

Յիշողութեանս մէջ դրոշմուած է դագաղիդ վրայ տեղադրուած վերջին լուսանկարդ:  Լուսանկարուած էիր անցեալ հոկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտիչեանի ձեռամբ Մ. Խորենացի շքանշանը ստացած օրդ:  Արհեստավարժ լուսանկարիչ Հայկ Հաճեանը տարօրինակ քմծիծաղ մը ձերբակալած էր դիմագծիդ վրայ:  Կարծես այդ վայրկեանին իսկ լռելեայն կ՛արտասանէիր սփիւռքահայ մեծ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի իմաստալից բանաստեղծութիւնը –

ՏԱՊԱՆԱԳԻՐՍ

Աստ հանգչիմ ես
Դուք ձեր հանգիստը նայեցէք …

Գիտե՞ս ինչ. մարդիկ այնքան հանգիստ են, որ տնտեսական, ընկերային, կրթական, լեզուական եւ չեմ գիտեր ինչական տագնապները անգոյ կը նկատեն:  Բայց բարեբախտաբար, կան նաեւ մարդիկ, որոնք կը փնտռեն քու հատու նամակներդ:  Նամակներ, որոնց մէջ շատեր կը գտնէին իրենց հարազատ մտածումներն ու զգացումները:  Չմոռցած քեզի ուրախացուցիչ լուր մը տամ:  Անցեալ շաբաթ, հայատառ թերթի խմբագիր մը նկատել տուաւ, թէ քու մասիդ յետմահու աւելի գրուած էր, քան թէ քանի մը տարի առաջ մահացած պէյրութահայ գրողի մը մասին:  Դուն  լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէիր, եւ հակառակ այդ իրողութեան, արժանի չնկատուեցար անդամակցելու Լիբանանահայ գրողներու համախմբումին:

Քառասունքդ թող առիթ մը ըլլայ թարմացնելու յիշողութիւնները եւ լիբանանահայ գրականութեան պատմութեան համար նշելու հեղինակած հատորներդ, ինչպէս նաեւ ամբողջական ցանկը Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեան գրական մատենաշարին:

– Նամակներ Պէյրութէն
հատոր Ա.
խմբ. Երուանդ Հ. Քասունի
(2008, Պէյրութ, 280 էջ)
(Ա.Մ. Յարութիւնեան մատենաշար, թիւ 27)

– Կեանքը նամակագրութեան Մէջ
Լեւոն Հախվերդեանի եւ Արմէն Յարութիւնեանի նամակագրական երկխօսութիւնը

խմբ. Գէորգ Եազըճեան
(2008, Երեւան, 432+16էջ, նկարազարդ)
(Ա.Մ. Յարութիւնեան մատենաշար, թիւ 28)

– Նամակներ Պէյրութէն
հատոր Բ.
խմբ. Երուանդ Հ. Քասունի
(2010, Պէյրութ, 376 էջ)
(Ա.Մ. Յարութիւնեան մատենաշար, թիւ 38)

– Նամակներ Պէյրութէն
հատոր Գ
խմբ. Գէորգ Եազըճեան
(2014, Պէյրութ, 573+18 էջ)
(Ա.Մ. Յարութիւնեան մատենաշար, թիւ 54)

– Նամականի Արմէն Յարութիւնեանի
Նամակագրութիւն Գէորգ Պագրճեանի եւ Զարեհ Մելքոնեանի հետ
խմբ. Թորոս Թորանեան
(2015, Պէյրութ, 206+2 էջ)
(Ա.Մ. Յարութիւնեան մատենաշար, թիւ 55)

Բացակայութեանդ բաւական նոր գիրքեր լոյս տեսան մշակութային եւ գրական հետաքրքրական հանդիսութիւններ տեղի ունեցան:

Յաջորդ նամակին այս մասին:

Կարօտդ ճնշելու սկսաւ:

——————————-

 Միմի Եւ Արմէն Յարութիւեան
Մատենաշար

1-  Ծառուկեան, Անդրանիկ.  Էնէս պիլէ թֆուլէ (արաբերէն թարգմ. Հրաչ Սահակեան) (Պէյրութ, 1987)
2-  Հաւատով խոստովանիմ (Պէյրութ,1992)
3-  Հախվերդեան,  Լեւոն.  Մենք եւ մեր ժամանակը (Պէյրութ,  1997)
4-  Վարդան,  Լեւոն.  Հայկական տասնհինգը թուրք մատենագիտութեան եւ մամուլին մէջ եւ մենք (Պէյրութ, 1998)
5-  Ծառուկեան Անդրանիկ.  Առկայծող հայեր եւրոպայի լոյսերուն մէջ (Հալէպ, 1999)
6-  Հախվերդեան, Լեւոն.  Մենք եւ մեր դժուար օրերը (Երեւան, 2000)
7-  Զէքիեան, Հայր Լեւոն.  Ինքնութեան խճանկար (Պէյրութ, 2001)
8-  Թորանեան, Թորոս.  Ամբողջական գրագէտը Ռոպէր Հատտէճեան (Հալէպ, 2002)
9-  Հատտէճեան, Ռոպէր.  Դանիէլ Վարուժանի, Սիպիլի, Իգնա Սարըասլանի բանաստեղծութիւնները հայ ուսանողներու մտերմութեան մէջ (պէյրութ, 2003)
10-  Այգեկցի, Վարդան վրդ.  Խրատներ (թարգմ. Պարթեւ վրդ. Կիւլիմեան (Անթիլիաս, 2002)
11-  Տէրտէրեան, Մեթր Գասպար.  Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններ եւ նոր աղանդաւորներ. ներածական ակնարկ (Պէյրութ, 2004)
12-  Հախվերդեան, Լեւոն.  Ինչպէս դիտել ներկայացումը (Պէյրութ, 2004)
13-  Հատտէճեան, Ռոպէր.  Յուշատետր-52. Իսթանպուլահայ նոր բանաստեղծութեան վէպը. Կարպիս Ճանճիկեան, Հայկազուն Գալուստեան եւ միւսները (Իսթանպուլ, 2004)
14-  Առաքելեան, Սերգէյ.  Երուանդ Ղազանչեան (Երեւան, 2004)
15-  Տոմար արձանագրութեան հայ ազգային միութեան ատենագրութեան Այնթապի ինքնապաշտանութեան (1920) (Պէյրութ, 2005)
16-  Խրլոպեան, փրոֆ. Գէորգ. Ցեղասպանագիտութիւն (Պէյրութ, 2006)
17-  Մուրատեան, Արմէն.  Խելքիս փչածներէն եւ այլ էջեր (Պէյրութ, 2005)
18-  Շէյքսփիր.  Արքայ Լիր (թարգ. Յովհաննէս Խան Մասեհեան (Երեւան, 2006)
19-  Հատտէճեան, Ռոպէր.  Յուշատետր-57. Գրադարանիս մոռցուած գիրքերը (Պոլիս, 2006)
20-  Հատտէճեան, Ռոպէր.  Առաստաղ. Առաստաղին միւս կողմը (Երեւան, 2006)
21-  Միքայէլեան, Յակոբ.  Բաց Պատուհան. Նշմարներ (Հալէպ, 2006)
22-  Գալոյեան, Սերգէյ.  Պարոյր Սեւակ. Զուտ Սովետական սպանութիւն (Երեւան, 2007)
23-  Օհանեան, Փասքալ.  Հիմէյէթ էլ-ինսէն ուալ-իպէտէթ էլ-ժէմաիյյէ պի-եէտտ էտ-տաուլի էթ-թըրքիյյի տըտ էլ-շաապ էլ-էրմէնի(արաբերէն թարգ. Նանոր Միքայէլեան-Քէքլիքեան) (Պէյրութ, 2007)
24-  Հատտէճեան, Ռոպէր.  Յուշատետր-59. Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ. Հատոր Ա. (Պոլիս, 2007)
25-  Հատտէճեան, Ռոպէր.  Յուշատետր-60. Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ. Հատոր Բ. (Պոլիս, 2007)
26-  Հատտէճեան, Ռոպէր.  Յուշատետր-61. Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ. Հատոր Գ. (Պոլիս, 2008)
27-  Յարութիւնեան, Արմէն.  Նամակներ Պէյրութէն. Հատոր Ա. (Պէյրութ, 2008)
28-  Հախվերդեան, Լեւոն եւ Յարութիւնեան, Արմէն. Կեանքը նամակագրութեան մէջ.  Լեւոն Հախվերդեանի եւ Արմէն Յարութիւնեանի նամակագրական երկխօսութիւնը (Երեւան, 2008)
29-  Տէրտէրեան, Մեթր Գասպար.  Հրապարակագրական Էջեր. Հայեացք եւ կեցուածք (Պէյրութ, 2008)
30-  Հատտէճեան, Ռոպէր.  Յուշատետր-62. Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ. Հատոր Դ. (Պոլիս, 2008)
31-  Մուրատեան, Կարպիս Ե.  Ակնարկներ. Ութերորդ գիւղէն (Պոլիս, 2008)
32-  Հատտէճեան, Ռոպէր.  Յուշատետր-63. Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ. Հատոր Ե. (Պոլիս, 2009)
33-  Հատտէճեան, Ռոպէր.  Յուշատետր-64. Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ. Հատոր Զ. (Պոլիս, 2009)
34-  Հատտէճեան, Ռոպէր.  Յուշատետր-65. Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ. Հատոր Է. (Պոլիս, 2010)
35-  Յակոբեան, Ժագ.  Լիլոյշ Ա Տոչոր …   (Պէյրութ, 2010)
36-  Ֆազլեան, Պերճ.  Մտորումներ թատրոնի մասին (Պէյրութ, 2010)
37-  Պ.Յակոբեան, Մաքրուհի.  Մանկութեանս փողոցներուն մէջ (Պոլիս, 2010)
38-  Յարութիւնեան, Արմէն.  Նամակներ Պէյրութէն. Հատոր Բ. (Պէյրութ, 2010)
39-  Հատտէճեան, Ռոպէր.  Յուշատետր-66. Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ. Հատոր Ը. (Պոլիս, 2010)
40-  Հատտէճեան, Ռոպէր.  Յուշատետր-67. Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ. Հատոր Թ. (Պոլիս, 2010)
41-  Դարեան, Արմէն.  Նամականի (Երեւան, 2010)
42-  Հատտէճեան, Ռոպէր.  Մեր մայրենի լեզուն մահամերձի անկողինին մէջ (Պէյրութ, 2011)
43-  Իսկահատեան, Յարութիւն.  Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան.  Գիրք Գ. (Պէյրութ, 2011)
44-  Յակոբեան, Ժագ.  Յաւերժօրէն քոյդ … (Պէյրութ, 2011)
45-  Հատտէճեան, Ռոպէր.  Յուշատետր-68.  Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ. Հատոր Ժ. (Պոլիս, 2012)
46-  Հատտէճեան, Ռոպէր.  Յուշատետր-78.  Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարանին մէջ. Հատոր Ա. (Պոլիս, 2012)
47-  Թորանեան, Թորոս.  Հայ բժիշկներ եւ բուժաշխատողներ Սուրիոյ մէջ (Հալէպ, 2012)
48-  Իսկահատեան, Յարութիւն.  Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան. Գիրք Դ. (Պէյրութ, 2012)
49-  Իսկահատեան, Յարութիւն.  Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան. Գիրք Ե. (Պէյրութ, 2013)
50-  Հատտէճեան, Ռոպէր.  Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարանին մէջ. Հատոր Բ. (Պոլիս, 2013)
51-  Մսըրլեան, Զաւէն.  Մամուլէն փրցուած էջեր (Պէյրութ, 2013)
52-  Հայկազ, Արամ.  Մոռացուած էջեր. Հատոր Գ. (1961-1966) (Երեւան, 2013)
53-  Հայկազ, Արամ.  Մոռացուած էջեր. Հատոր Դ. (1967-1969) (Երեւան, 2013)
54-  Յարութիւնեան, Արմէն.  Նամակներ Պէյրութէն. Հատոր Գ. (Պէյրութ, 2014)
55-  Յարութիւնեան, Արմէն.  Նամականի Արմէն Յարութիւնեանի (Պէյրութ, 2015)
56-  Սիմոնեան, Բաբգէն.  Պատկերներ Լիբանանից (Երեւան, 2015)
57-  Թորանեան, Անի.  Արարատ (Պէյրութ, 2015)
58-  Թոքմաճեան, Հրազդան.  Գալէմքեարեաններ. Այնթապ-Դամասկոս-Հալէպ. The Kalemkiarians. Ayntab-Damascus-Aleppo (Հալէպ, 2016)
59-  Գուրուեան, Վարդգէս.  Կապոյտ յիշատակներ հրդեհուած Մելգոնեանէն (մամուլի տակ)
60-  Յարութիւնեան, Արմէն.  Նամակներ Պէյրութէն. Հատոր Դ. (մամուլի տակ)

 

 

Պարսկահայ Վահիկը

$
0
0

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ

Պարսկահայ Վահիկը: Այսպէս ճանչցուած էր, երբ տակաւին զինք նոր ճանչցայ: Ութսունական թուականներու սկիզբներն էր, երբ քանի մը ընկերներով եկած էին Լիբանան եւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի մէջ կը հետեւէին Հայագիտականի դասընթացքներուն: Ամէն առաւօտ կը հանդիպէինք իրարու, երբ ինք կու գար իր գրասենեակը, «Երեւանեան» կեդրոն, եւ յաճախ միասին` ընկերներով կը նախաճաշէինք կեդրոնին դիմացը գտնուող ֆուլ պատրաստողին քովէն: Ընդհանրապէս կէսօրները կ՛աւարտէր իր աշխատանքը եւ կ՛ուղղուէր ճեմարան` հանգստանալու կամ դասընթացքի հետեւելու, ապա երեկոյեան կ՛ուղղուէր «Ազդակ»-ի տպարանը, ուր իր աշխատանքը աւարտելէն ետք, դարձեալ ընկերներով կ՛ուղղուէին կեդրոն: Լաւ կը յիշեմ, 1985-ին երբ դաշնակցական ընկերներու դէմ հալածանքներն ու ոճիրները ծայր առած էին, լուր կու տային, որ իրենց ճամբան ապահովենք տպարանէն մինչեւ կեդրոն, եւ այդպէս ալ կ՛ընէինք:

Երկար ժամանակ այսպէս շարունակուելէ ետք, իւրաքանչիւրս շարունակեց իր կեանքը: Եւ ահա յանկարծ 22 յուլիսի երեկոյեան կը հարցուի ինծի, թէ կը ճանչնա՞ս Վահէ Յարութիւնեանը: Նկարը տեսնելով` պատասխանս եղաւ «ոչ»: Կար              ճ ժամանակ վերջ խնդրեցի, որ դարձեալ ցոյց տան նկարը, եւ հոն եղաւ անակնկալը: Պարսկահայ Վահիկն էր: Որքա՜ն փոխուած էին դէմքն ու մազերուն գոյնը: Շանթ մըն էր ինկած: Կարծես ժամացոյցի սլաքները ետ երթալով` զիս տարին ութսունականներու սկիզբը:

Բարեւէ քեզմէ առաջ հոն հասած բոլոր ընկերներուն:

Վարձքդ կատար, սիրելի՛ ընկեր:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

 

 

Վահէին Յիշատակին… (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

$
0
0

ՓԱՌԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

1981-ի աշնան, ուսումս ամբողջացնելու միտումով, որոշեցի երթալ Լիբանան եւ հետեւիլ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ուսումնական քառամեայ ծրագրին:

Այնտեղ էր, որ առաջին անգամ հանդիպեցայ Վահէին` ի շարս այլ տղոց ու աղջիկներու, որոնք նոյն նպատակով ժամանած էին Պէյրութ այդ տարիներուն:

Այդ օրերուն պարսկահայ ուսանողներուն թիւը կը գերազանցէր այլ երկիրներէ եկած ուսանողները, որոնց համար իբրեւ հանրակացարան` տրամադրուած էր Նշան Փալանճեան ճեմարանի շէնքերէն մին` օժտուած գիշերօթիկի բոլոր յարմարութիւններով:

Դժուար օրեր էին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը տակաւին կը շարունակուէր, եւ անապահովութիւնը համատարած երեւոյթ էր ամբողջ երկրի տարածքին:

Ճեմարանը (Արեւմտեան Պէյրութ) այդ տարիներուն շրջապատուած էր բազմաթիւ զինեալ խմբաւորումներով, որոնք կը տիրապետէին  շրջակայ թաղերուն եւ յաճախ բախումներ կ՛ունենային իրարու հետ: Պէտք էր արթուն ըլլալ եւ ապահովել Ճեմարանի ու շրջանի հայութեան անվտանգութիւնը: Ճեմարանէն ներս ապահովական այս աշխատանքի պատասխանատուն Վահէն էր: Ամէնօրեայ հերթական պահակութիւնը կազմակերպող, ապահովական կացութեան հսկող, աչալուրջ գործին հետեւող ու ամբողջ պատասխանատուութիւնը ստանձնած անձը Վահէն էր, որ հակառակ իր բազմազբաղ առօրեային` այս ծանր աշխատանքը եւս վերցուցած էր իր ուսերուն:

Մեր առօրեան նոյնն էր եւ նոյնը մնաց տարիներ շարունակ: Նոյն տղաքը` նոյն աշխատանքին մէջ: Կը քնանայինք նոյն սենեակին մէջ (հազիւ քանի մը ժամ, մնացեալ ժամանակը պահակութեան ժամեր էին..): Առաւօտեան միասին պիտի երթայինք աշխատանքի (ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի անձնակազմի կիսաժամ անդամ էինք), կէսօրէ ետք պիտի հետեւէինք հայագիտականի դասընթացքներուն: Կիրակի օրերը` «Զաւարեան» ուսանողական միութեան հերթական ժողովներն էին, պէտք էր ժողովի երթալ եւ մասնակցիլ ժողովներէն բխած յանձնախումբերու աշխատանքներուն:

Երիտասարդ էինք: Շրջապատն ու մթնոլորտը այնքան ոգեւորող էին, որ այս բոլոր աշխատանքները սիրայօժար եւ մեծ հաճոյքով կը տանէինք: Մեզի համար Ճեմարանն ու «Արա Երեւանեան» ակումբը դարբնոց էր այդ օրերուն, եւ կը փորձէինք առաւելագոյնը օգտուիլ մեզի ընծայուած այդ առիթէն:

Նոյն ժամանակաշրջանը զուգադիպեցաւ նաեւ Հայ դատի զինեալ պայքարի ժամանակահատուածին, երբ Արդարութեան մարտիկներ աշխարհով մէկ հարուածեցին թուրք դիւանագէտներ: Նոյն տարիներուն ունեցանք նաեւ կորուստներ ու նահատակներ, որոնք զոհ գացին հայազգի թրքամէտ ուժերու սադրանքներուն: Երեք տարի շարունակ Վահէին հետ միասին ապրեցանք պատերազմական այդ մթնոլորտին մէջ, որմէ ետք, 1984-ին հարկադրուեցայ հեռանալ Լիբանանէն, բայց Վահէն շարունակեց մնալ այնտեղ` մինչեւ Հայաստան փոխադրուիլը:

Մեր կապը որոշ ժամանակով թէեւ ընդհատուեցաւ, բայց ապրուած դժուարին օրերու առթած հոգեկան խռովքը կարելի չեղաւ շրջանցել, եւ նոյն մտերմութիւնը միշտ ալ կը վերանորոգուէր, ամէն անգամ որ հանդիպէինք իրարու (Լիբանան թէ Հայաստան): 2008-էն ասդին Հայաստան այցելութիւններս եղան աւելի յաճախակի. պատճառներէն մէկն ալ Վահէին այնտեղ գտնուիլն էր: Վահէն յիրաւի դարձած էր մեր (իմ եւ մեր շրջապատին) խորհրդատուն Հայաստանի մէջ: Այնտեղի անցուդարձերէն անտեղեակ` յաճախ կը դիմէինք Վահէին` մեր բոլոր տալիք որոշումներուն կապակցութեամբ, եւ ինք միշտ պատրաստ էր իր ցուցմունքներով օգտակար դառնալու մեր ծրագիրներուն, հայրենիքին նկատմամբ իր ունեցած լաւատեսութիւնը կը փոխանցուէր մեզի բոլորիս` խանդավառելով եւ վարակելով մեզ նոյն լաւատեսութեամբ:

Վահէն իր ամբողջ կեանքի ընթացքին միշտ հեռու մնաց բոլոր տեսակի ցուցական երեւոյթներէ եւ անտեղի փառասիրութիւններէ: Հաւատաց միմիայն գործի ուժին, քան` խօսքի անզօրութեան ու խաբկանքին:

Իր համեստ ու ազնիւ նկարագրով վարակեց իր շրջապատը ու միշտ նախընտրեց աշխատիլ բեմերէ ու ամպիոններէ հեռու, վարագոյրներու ետին, եւ մութ անկիւններու մէջ: Երբեք չունեցաւ ցուցական աշխատանք, երբեք ուշադրութիւն չգրաւեց իր վրայ, այլ միշտ հաւատաց կուսակցական բծախնդիր աշխատանքին:

Սիրելի՛ ընկեր,

Բացակայութիւնդ ընկճող է այն աստիճան, որ ոչ ոք կրնայ փոխարինել քեզ…

Անժամանակ մահդ մեծ հարուած էր բոլոր քեզ ճանչցողներուն: Գործդ կիսատ թողած` հեռացար: Ետիդ թողուցիր քեզ այնքան սիրող հարազատներդ ու ընկերներդ: Հեռացար ու քեզ հետ տարիր տարիներու փորձառութիւնդ, գործին մէջ հմտութիւնդ ու մտքի հասունութիւնդ: Հեռացար` խուճապի մատնելով ողջ շրջապատդ…

Սակայն իմացի՛ր, թէեւ ֆիզիքապէս հեռացար, բայց չես կարող դուրս գալ մեր սրտերէն:

Դու պիտի մնա՛ս մեր մէջ` իբրեւ մնայուն ներկայութիւն: Այն փոսը, որ բացիր մեր հոգիների մէջ, դուն միայն կարող ես լեցնել քո մնայուն ներկայութեամբդ, երբ այնտեղից կը վտարես վիշտն ու ցաւը ու դուն ինքդ կայք կը հաստատես այնտեղ, քո ամբողջ էութեամբդ ու ամբողջ հմայքովդ:

Մահուան գաղափարին հաւատացողը կը հաւատայ նաեւ անմահութեան գաղափարին եւ դու անմահ ես մեզ համար:

Թող լոյս իջնի շիրիմիդ ու հողը թեթեւ գայ վրադ:

 

Վահէին Պարտէզը

$
0
0

Զ. ԹՈՐԻԿԵԱՆ

Չեղաւ, չպատահեցաւ… չստացուեց:

Բազմիցս խոստացած էի այցելել Վահէին պարտէզը, բնագաւառ մը կամ աւելի մօտիկ ըլլալով բնութեան` գործունէութեան դաշտ մը, որ սրտիս երբեք չէ խօսած: Միշտ ալ քաղաքի մէջ ապրած ըլլալով` վարժուած եմ պոռչտուքի, երթեւեկի, իրարանցումի, փոշիի, ձայնի, բարձր ձայնի, բաղաձայնի, սուր աղմուկի եւ շարունակ գերաղմկալի աղմուկի:

Տարբեր էր Վահէին հորիզոնը: Ան ակնածանքով եւ խանդով կ՛անդրադառնար, թէ որքա՜ն հաճելի էր կապուիլ հողին, յատկապէս` հայրենի հողին. զայն ջրել, խնամել, մշակել… «դաստիարակել»: Իր սրտին խօսած պարտէզ մը, ուր պիտի աւարտէր իր կեանքը… այդ նոյնինքն սիրտը իրեն դաւաճանած ըլլալուն պատճառով:

Միշտ ալ կարճ տեւողութիւն ունէր Երեւան այցելութիւնս, այնքան մը որ, ըստ Վահէին բացատրութեան եւ սրամտութեան, այն օդանաւով, որ կը ժամանէի, անով ալ կը մեկնէի:  Շատ կ՛ուզէր, որ երկար ժամանակ ստեղծուէր, եւ այցելէի իր այդ պարտէզը:

Մայիսեան հարիւրամեակի տօնակատարութեան առթիւ միեւնոյն օդանաւով պիտի չվերադառնայի ու գրեթէ շաբաթ մը մնայի եւ կը կարծէի, որ այս անգամ ի վերջոյ առիթ պիտի ունենայի Վահէին մշակած պարտէզը այցելելու: Սակայն չեղա՜ւ:

Անգամ մը եւս առիթ չեղաւ անոր ջրած պարտէզը ըմբոշխնելու:

***

Ընդդիմատետրի ընկերս էր, շատ մօտիկ ընկերս` Վահէն:

Ինքը…ՀՈՆ իր հանգչած տեղէն, փոքր ժպիտ մը դէմքին … շուտով հասկցաւ ըսածս, սակայն կարդացողին համար հաւանաբար կարճ բացատրողական մը աւելի յստակացնէ թուղթին յանձնուած այս քանի մը տողերը:

Միշտ ալ կը կատակէի Վահէին հետ, թէ այնքան ատեն որ անգործ չեմ, ամուսնալուծուած չեմ, հիւանդ չեմ եւ …դեռ ողջ եմ, պիտի չունենամ Ֆէյսպուք` Դիմատետր, այսինքն պիտի ունենամ ընդդիմատետր:

Եւ հակառակ այս գոյավիճակին` կարծես օրական կապ կը հաստատէինք: Աւելի զարմացնեմ ընթերցողն ու անմիջական ծանօթներն ու պարագաները, ե-նամակով ալ հետեւողական կերպով կապ չէինք հաստատեր, նոյնիսկ ընկալուչն ալ սակաւաթիւ անգամներ կը վերցնէինք, սակայն երբ որ հանդիպէինք, կարծես դեռ  երէկ իրարու հետ երկար զրուցած էինք:

***

Շատեր պիտի գրեն հաւատաւոր կուսակցական, ազգային տիպար Վահէին մասին: Պիտի անդրադառնամ իր անձին մասին, շատ աւելի դժուար պարտականութիւն մը, մանաւանդ որ մօտէն ծանօթ ըլլալով իր նկարագիրին, ան միշտ ալ լռիկ-մնջիկ տիպար մը եղած է եւ խուսափած` երեւելու  տենդէն:

Եօթանասունականներու վերջերուն, Պարսկաստանէն ժամանած էր ան` տասնեակ մը ընկերներու հետ Համազգայինի հայագիտական հիմնարկին մէջ մասնագիտանալու: Քաղաքական իրադարձութիւնները պատճառ դարձան, որ Վահէին բերած օդանաւը զինք Լիբանան փոխադրէ եւ հոն ալ ձգէ: Այսպէս սկսաւ մեր բարեկամութիւնը, որ հետագային շատ աւելի խորացաւ «Ազդակ»-ի երդիքին տակ եւ արեւմտեան Պէյրութի մէջ:

Ընկերային միջավայր մը ստեղծած էինք: Տարբեր ձիրքեր, զբաղումներ ու հետաքրքրութիւններ: Թուղթ խաղալ, ժամեր շարունակ ուտել, խմել ու ճառախօսել… այս բոլորը չէինք սիրեր:

Կը նախընտրէինք դիտել եւ ո՛չ դիտուիլ, նաեւ` ունկնդրել եւ ո՛չ ունկնդրուիլ, կարդալ ու կարդալ…

Եւ այսպէս միասին կ՛ունկնդրէինք երաժշտութիւն եւ բազմիցս կ՛ուղղուէինք շարժապատկերի սրահ` ըմբոշխնելու համար ոչ հոլիվուտեան աւելորդաբանութիւններ:

Մեր նախասիրած շարժապատկերի սրահը «Քլեմանսօ»-ն (այժմ փակուած) էր, ուր բացի ցուցադրուող ժապաւէններէն` ամէն բան լքուած, փոշով ծածկուած եւ ապականած էր: Ի դէպ, ցուցադրուող ժապաւէններն ալ նոր պատրաստութիւններ չէին, բայց մակարդակ ունեցող գործեր էին, որոնք կրկին անգամ կը ցուցադրուէին: Իսկ ամէնէն կարեւորը, միշտ ալ պարապ էր այդ սրահը` մեր օրերու «Cinema Paradiso»-ն, ուր պաստառը լուսաւորող ոսպնեակին խշրտոցը շատ աւելի մտերմիկ մթնոլորտ մը կը ստեղծէր: Այսպէս, լաւապէս բազմած եւ իրարմէ հեռու կ՛ըմբոշխնէինք ցուցադրուող ժապաւէնը:

Հոն, Չեփլինը կարծես գետին ինկած ծաղիկը, կոյր աղջկան յանձնելու ժամանակ մեզ ալ կը դիտէր եւ համակրելի պեխին փոքր շարժում մը տալով, կը ժպտար` այն տպաւորութիւնը ձգելով, որ, միացէ՛ք ինծի եւ դուք ալ օգնեցէ՛ք այս դժբախտ աղջկան: Իսկ Նիւ Եորքի թաքսիի խենթուկ վարորդ Ռապըրթ Տը Նիրոն, հայելիի ընդմէջէն իր զայրոյթը մեզի ալ կը յայտնէր` «Are you talking to me?» մը հարցադրելով եւ զէնքով սպառնալով:

***

Տարիներ ետք… գործ, ամուսնութիւն, ընտանեկան կեանք… փոխուած էր Վահէին շաբաթավերջի զբաղումը:

Այսպէս, իր բոլոր հոգերն ու մտահոգութիւնները մէկդի դրած, յատկապէս կիրակի օրերը մշակ-բանուոր Վահէն  կը ջրէր ու կը մշակէր իր պարտէզը: 17-րդ դարաշրջանէն վոլթերեան պարզ փիլիսոփայական «Մշակենք մեր պարտէզը» («Քանտիտ») հասկացողութիւն մը, որ ան կը կիրարկէր…դարեր ետք:

Զանազան տեսակի բոյսեր, պտուղներ ու թուփեր կը մշակէր ան: Ու կը ջրէր, շարունակ կը ջրէր: Ան լաւապէս հոգ կը տանէր հողին` զայն խնամելով եւ արգասաբեր դարձնելով: Հողը թեթեւցած էր եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ Վահէին համար: Կարիք չկայ հողին թեթեւութեան մասին ակնարկելու:

Երկու խօսք ալ` հոն ծիլ առած ծաղիկներուն ու պտուղներուն մասին: Անոնք երբեք որդնոտած չէին… թարմ ու համեղ էին: Կը կատակէի իրեն հետ, թէ` Արտամետի խնձորի հունտերը իր պարտէզին մէջ  տեղ ունէին, շարունակ մատնանշելով միայն հունտերը եւ ո՛չ թէ` որդերը:

***

Աւա՜ղ: Միասնաբար ծրագիրներ ունէինք, որոնք բոլորն ալ ջուրը ինկան: Այսպէս, մեր Bucket list-ին (կատարելիքներ` նախքան անդենական մեկնիլը) մէջն էր միասնաբար Արեւմտահայաստան երթալ… Անի, Վան, Համշէն: Շատ կը փափաքէի, որ միասնաբար ըմբոշխնենք դաշնակահար Պրետ Մելտաուն` իր բնութեան յար եւ նման երաժիշտ մը: … Ի վերջոյ նաեւ այդ կատարելիքներու ցանկին մէջ էր պարտէզ այցելութիւնս:

Դժուար եղաւ այս քանի մը մտածումներն ու յուշերը թուղթին յանձնելս: Բայց վստահ եմ` ան գոհ պիտի մնայ:

Կարմիր գիծը չանցայ:

Փաքաքածն ալ կատարեցի: Ոչ մէկ յիշատակելի յատուկ անուն կամ մանրամասն նկարագրականով դէպք:

Դժուար օրեր անցուցած ենք, անբացատրելի զարհուրելի եւ սահմռկեցուցիչ վայրկեաններ, սակայն ամէնէն ահաւորը եղաւ այն օրը, երբ ստիպուած եղանք միասնաբար թուղթին յանձնել մեր մօտ մահացած ընկերոջ մասին մահագրութիւն մը: Ի՜նչ զարհուրելի եւ ընկճելի ակնթարթներ էին:

Հիմա ալ առանձնացած, Վահէին մասին մահագրութիւն… ի՜նչ ճակատագիր:

 

 

Տեսակէտ. Ճիշդ Որոշում

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 30 օգոստոսին ցաւակցական հեռագիր յղեց Ռուսիոյ պետական Տումայի երեսփոխան Իոսիֆ Քոպզոնի մահուան առիթով, սակայն նոյնը չըրաւ (առնուազն մինչեւ այս պահս) Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Ճոն ՄքՔէյնի մահուան առիթով, ինչ որ ճիշդ որոշում մըն է:

Հարցը այն է, որ առաջինը, ինչպէս վարչապետ Փաշինեան իր հեռագիրին մէջ նշած է, «հայ ժողովուրդի հաւատարիմ ընկեր, հայ-ռուսական յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման վառ կողմնակից» անձնաւորութիւն մըն էր, սակայն նոյնպիսի բան կարելի չէ ըսել ՄքՔէյնի մասին, որ 2009-2018 տարիներուն Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակող ոչ իսկ բառ մը արտասանած է, ներկայ չէ գտնուած Քափիթըլ Հիլի մէջ ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն, իսկ ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի մը թեր քուէարկած է միայն 2014-ին` Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին մէջ:

Հայ ժողովուրդի բարեկամը չեղող, սակայն Քոնկրեսի ականաւոր «բազէ»-ներէն մէկը եղող ծերակուտականի մը մահուան առիթով ցաւակցագիր յղելը ոչինչով կը նպաստէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման, փոխարէնը, վարչապետ Փաշինեանի խումբին նկատմամբ Քրեմլինի անվստահութեան ներկայ մթնոլորտին մէջ, զայն չյղելը, եթէ նոյնիսկ չի փարատեր կամ բարելաւեր այդ մթնոլորտը, առնուազն զայն չի հրահրեր:

 

 


Խմբագրական. Երկրորդ Հանրապետութեան Ճանաչման Ընդառաջ Արցախեան Ժողովրդավարութիւնը` Ընդդէմ Ազրպէյճանական Բռնատիրութեան

$
0
0

Արցախի Հանրապետութեան 27-ամեակի նշումը ինքնին փաստացի իրականութիւն է, որ հայոց երկրորդ հանրապետութիւնը պետականաշինութեան եւ անոր ընդհանուր շրջագիծին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր ոլորտներուն ուղղութեամբ ժամանակի եւ բազում մարտահրաւէրներու ուղղութեամբ կարեւոր փորձառութիւն կուտակած է:

Անդառնալի ուղղութիւններ են անոնք` պաշտպանական, կրթական, մշակութային, գիւղատնտեսական, զբօսաշրջային, ֆինանսատնտեսական, ներդրումային, վերաբնակեցման, որոնք կը համոզեն, որ կայացած է իրողապէս անկախ հանրապետութեան գոյառման, զարգացման բոլոր նախադրեալները արդէն իսկ ամբողջացուցած պետական համակարգը:

Շրջափուլը այս առումներով ամբողջացած է եւ հրամայականը այսօրուան` իրաւական անկախութեան կամ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումի առաջադրանքով համահայկական աշխատանքներու նպատակաուղղուածութեան համար համակարգումն է:

Պահն է ազգովին առաջնահերթութիւն ճշդելու` նպատակ ունենալով Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը: Համեմատաբար հեռահար այս նպատակին հասնելու համար համադրել եւ իրականացնել քաղաքական, ճանաչողական եւ տեղեկատուական` անդադար, իրար ետեւէ կրկնուող, իրար յաջորդող  տարբեր բնոյթի գործողութիւններ:

Նահանգային եւ քաղաքային մակարդակներու վրայ հանրապետութեան ճանաչումներ, տարբեր երկիրներու օրէնսդրական ժողովներու, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներու իրերայաջորդ այցելութիւններ, պաշտօնական Ստեփանակերտը ներկայացնող անձնաւորութիւններու, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու աշխարհի տարբեր կեդրոններու մէջ հանդիպումներ, իրազեկման բնոյթի ձեռնարկներու կազմակերպումներ եւ անոնց առընթեր լրագրողներու, անուանի խմբագիրներու եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու տարբեր ներկայացուցիչներու գործուղումներ, հաղորդումներ:

Համալիր ծրագիրի անհրաժեշտութիւնը համակարգուած` Երեւանի, Ստեփանակերտի եւ սփիւռքեան զանազան կեդրոններու կողմէ բարձրակէտի կը հասցնէ Արցախի ճանաչելիութիւնը:

Մասնագիտական խումբերու կազմութիւնն ու աշխատանքի ծրագրումը աւելի քան անհրաժեշտ է: Արցախեան հակամարտութեան էութեան  տարբեր ծալքերու ներկայացումը, քաղաքագիտական բառապաշարի որդեգրումն ու համատարած միատեսակ օգտագործումը, միջազգային հանրութեան որդեգրած արժէքներու լեզուով խօսիլը, մարդու իրաւունքէն մինչեւ ինքնապաշտպանութեան բնական մղումը, մինչեւ միջազգային իրաւունքի ինքնորոշման իրաւականութիւնը, մինչեւ ամէնէն ժողովրդավարական հիմունքներով իրաւաչափութիւններու յարգումն ու հանրաքուէներու կազմակերպումը, անցնելով ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու կազմակերպումէն` այս բոլորը  այն յենասիւներն են, որ հայկական կողմը իբրեւ զոյգ հանրապետութիւններ եւ սփիւռք կը կառուցէ` ճամբայ հարթելու համար դէպի միջազգային ճանաչում:

Ներքին պատրաստուածութիւնը  անհրաժեշտ, բայց ոչ բաւարար պայման է ճանաչումին համար: Արտաքին քաղաքական գործընթացները, Հայաստանի Հանրապետութեան դերը, Ազրպէյճանի խաւիարային դիւանագիտութեամբ բանաձեւուող եւ հետզհետէ միջազգային ընտանիքի գէթ եւրոպական հատուածին կողմէ սուր քննադատութիւններու ենթարկուող հակաեւրոպական արժեհամակարգի ամրացումը` բռնատիրական, ինքնավերարտադրական, կաշառակերային համակարգի աւելիով արմատաւորումը գէթ այս պահու դրութեամբ Արցախ-Ազրպէյճան հակամարտութեան ապահոված են ժողովրդավարութիւն-բռնատիրութիւն հակադրութեան բնոյթ: Ազրպէյճանի հակաարժէքային այս կարգավիճակը պիտի շարունակուի յիշուիլ, բանաձեւուիլ միջազգային ատեաններու մօտ, ամէն անգամ որ քաղաքական գործընթացներ համեմատաբար ոչ նպաստաւոր կացութեան մէջ դնեն Պաքուն յաչս միջազգային հանրութեան:

Ներքին յենասիւները հայկական կողմը կը շարունակէ կառուցել: Կը շարունակէ նաեւ դէպի միջազգային ճանաչում ճանապարհ հարթող արտաքին գործընթացներու նուրբ շարժումներուն հետեւիլ, ըստ այնմ որդեգրել եզրաբանութիւն, իրականացնել ընդունելի արժեհամակարգի համապատասխան քաղաքական գործողութիւններ ու համապատասխան լուսաբանում եւ փորձել նպաստել միջազգային հարթութեան վրայ տեսանելի դարձող արցախեան ժողովրդավարութիւնը ընդդէմ ազրպէյճանական բռնատիրութեան հակասութեան խորացման:

Ռազմավարական այս ուղղութիւնները անպայման կը նպաստեն Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման:

Հակառակ Մերքելի Հայաստան Կատարած Յուսադրող Այցելութեան` Ան Չարտասանեց «Ցեղասպանութիւն» Բառը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Անցեալ շաբաթ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել այցելեց Վրաստան, Հայաստան եւ Ազրպէյճան: Ըստ լրատուական միջոցներու հաղորդումներուն, անոր Հայաստան այցելութիւնը եւ հանդիպումները Հայաստանի ղեկավարութեան հետ շատ կառուցողական էին: Կ՛ակնկալուի ընդլայնել հայ-գերմանական քաղաքական, մշակութային եւ առեւտրային յարաբերութիւնները: Մերքելի այցը խիստ անհրաժեշտ խթան էր Հայաստանի նոր ժողովրդավարական կառավարութեան համար:

Զգայուն հարցերէն մէկը, որուն ուշադիր կը հետեւէին ինչպէս հայերը, նոյնպէս ալ` միջազգային հանրութիւնը, վարչապետ Մերքելի մեկնաբանութիւններն էին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Գերմանիոյ խորհրդարանը (Պունտեսթակ) 2016-ին գրեթէ միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ եւ յայտարարեց, որ` «Գերմանական կայսրութիւնը մասնակի մեղսակցութիւն ունի այդ իրադարձութիւններուն մէջ»:

Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունումէն անմիջապէս ետք Թուրքիա յետս կոչեց իր դեսպանը Պերլինէն եւ սպառնաց խզել կապերը Գերմանիոյ հետ: Թէեւ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները տարբեր պատճառներով կը շարունակեն մնալ լարուած, սակայն կը սպասուի, որ անոնք կը բարելաւուին սեպտեմբերի վերջը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի Գերմանիա կատարելիք այցէն ետք:

Երեւանի մէջ Մերքել այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր, ծաղկեպսակ դրաւ 1,5 միլիոն հայ զոհերու յիշատակին եւ ծառ տնկեց յուշահամալիրի տարածքը գտնուող ծառուղիին վրայ: Մերքել, սակայն, Երեւանի մէջ խուսափեցաւ օգտագործելէ «ցեղասպանութիւն» եզրը` Թուրքիոյ զանգուածային սպանութիւնները որակելով իբրեւ «հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած հրէշային ոճրագործութիւն», որ` «կարելի չէ եւ պէտք չէ մոռցուի»: Ան նաեւ յայտարարեց, որ այցելած է Ցեղասպանութեան յուշահամալիր` «Պունտեսթակի 2016-ի բանաձեւին ոգիին համահունչ»: Ան պարզաբանեց, որ կիրարուած լեզուն «քաղաքական գնահատական էր, այլ ոչ թէ` իրաւական»:

Հակառակ Հայաստանի նկատմամբ Մերքելի բարեացակամութեան եւ անոր շատ դրական յայտարարութիւններուն` յոյսով եմ, որ Հայաստանի ղեկավարները անոր յիշեցուցին այն, որ 1,5 միլիոն հայերու ծրագրուած ոչնչացումը նկարագրելու համար իսկական եզրը «ցեղասպանութիւնն» է, այլ ոչ թէ` պարզապէս «հրէշային ոճրագործութիւն»-ը:

Հայաստանի ղեկավարները կրնային Գերմանիոյ վարչապետին տեղեկացնել գերմանական «Տոյչէ Վելէ»-ի (Deutsche Welle) լրագրող Պեն Նայթի վերջին հաղորդման մասին` Գերմանիոյ Ռայխի կողմէ օսմանեան թրքական զօրքերուն տրամադրուած զինամթերքի վերաբերեալ, Հայոց ցեղասպանութիւնը իրականացնելու նպատակով:

Համաձայն «Տոյչէ Վելէ»-ի` ««Մաուզեր»-ը, որ Գերմանիոյ հրաձգային զէնքերու հիմնական արտադրողն էր երկու համաշխարհային պատերազմներու ընթացքին, միլիոնաւոր հրացաններ եւ ատրճանակներ մատակարարած է Օսմանեան Կայսրութեան, զէնքերը օգտագործուած են Ցեղասպանութեան ընթացքին` գերմանացի սպաներու աշխուժ աջակցութեամբ: Բացի այդ, մէջբերելով «Կլոպըլ Նեթ»-ի «Դադրեցուցէք զէնքի առեւտուրը» յօդուածէն, «Տոյչէ Վելէ» յայտարարած է, որ` «թրքական բանակը նաեւ յագեցած էր Էսսեն գտնուող «Քրուփ» (Krupp) ընկերութեան արտադրած հարիւրաւոր թնդանօթներով, զորս Թուրքիա օգտագործած է ընդդէմ Մուսա Լերան դիմադրութիւնը իրականացուցած հայ մարտիկներու, 1915 թուականին»:

«Կլոպըլ Նեթ»-ի յօդուածի հեղինակ Վոլֆկանկ Լենտկրեպեր գրած է, որ` «Օսմանեան կայսրութեան համար «Մաուզեր»-ը իսկապէս որ հրացանի մենաշնորհ ունէր»:

«Տոյչէ Վելէ» բացայայտած է, որ` «յօդուածին մէջ առաջին գերմանական զեկոյցներէն շատերը վերցուած են նամակներէն Մէյըր կոմս Էպերհարտ Վոլֆըսքեհլի, որ 1915 հոկտեմբերին կը գտնուէր Ուրֆա` թրքական հարաւարեւելեան քաղաքը: Ուրֆան բնօրրանն էր մեծ թիւով հայերու, որոնք պատնէշներ ստեղծած էին իրենց տուներուն մէջ` ընդդէմ թրքական հետեւակի: Վոլֆըսքեհլ կը ծառայէր որպէս պետ` Օսմանեան կայսրութեան 4-րդ բանակի հրամանատարի տեղակալ Ֆախրի փաշայի զօրամասին, եւ կոչուած էր այդ զօրամասը ամրապնդելու համար»:

Մէյըր Վոլֆըսքեհլ իր կնոջ գրած նամակին մէջ անամօթաբար պարծանք ապրած է գերմանական զօրքերու կողմէ Ուրֆայի մէջ հայերու սպանութիւններով. «Անոնք [հայերը] կ՛ապրէին եկեղեցւոյ հարաւը գտնուող բազմաթիւ տուներու մէջ: Երբ մեր հրետանին հարուածեց տուներուն վրայ, ներսը գտնուող շատ մարդիկ եւ ուրիշներ փորձեցին պատսպարուիլ եկեղեցւոյ մէջ: Սակայն … անոնք ստիպուած էին եկեղեցին շրջանցել եկեղեցւոյ բակով: Մեր հետեւակը բակին ձախ կողմէն արդէն հասած էր տուները եւ սպաննեց եկեղեցւոյ բակի ճամբով փախչող մարդիկը: Ընդհանուր առմամբ, հետեւակը, զոր օգտագործեցի հիմնական յարձակման ընթացքին … հոյակապ կերպով լաւագոյնս արդարացուց ինքզինք»:

Լենտկրեպեր նաեւ տեղեկացուցած է, որ «մինչ գերմանական ընկերութիւնները զէնք կը մատակարարէին, իսկ գերմանացի զինուորները` փորձագիտական խորհրդատուութիւն, թէ ինչպէս օգտագործել զէնքերը, գերմանացի սպաները նաեւ գաղափարական հիմքեր կը դնէին» Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ:

Գերմանական ռազմածովային կցորդ, գերմանաթրքական սպայական բաժանմունքի անդամ եւ Օսմանեան կայսրութեան ռազմական նախարար Էնվեր փաշայի մտերիմ Հանս Հիւմեն գրած է. «Հայերը ռուսերու հետ իրենց ունեցած դաւադրութեան պատճառով պէտք է, քիչ թէ շատ, ոչնչացուին: Այդ թէեւ դժուար է, բայց օգտակար»:

Բացի այդ, Լենտկրեպեր իր զեկոյցին մէջ գրած է «փրուսական հրամանատար-մէյըր Քոլմար Ֆրիհեր Վոն Դեր Կոլցի մասին, որ 1883-ին օսմանեան պալատի համար ռազմական կարեւոր խորհրդական դարձած էր եւ ինքնիրեն որպէս լոպիիստ կը տեսնէր գերմանական ռազմական արդիւնաբերութեան գծով, այլեւ կ’աջակցէր թէ՛ «Մաուզեր» եւ թէ՛ «Քրուփ» ընկերութիւններուն` թրքական  գնումները ապահովելու անոնց ջանքերուն: (Անգամ մը ան հպարտացած է իր օրագրին մէջ, այսպէս. «Կրնամ պնդել, որ առանց ինծի [թրքական] բանակի վերազինումը գերմանական մոտելներով տեղի չէր ունենար»): Կոլց «օգնեց համոզել սուլթանը` փորձել եւ միանգամընդմիշտ վերջ դնել Հայկական հարցին…»:

Վերոնշեալ մէջբերումները կը հաստատեն Պունտեսթակի 2016 թուականի բանաձեւով ընդունումը, ըստ որուն, Գերմանիա մեղսակից է Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ 2015-ին Գերմանիոյ նախագահ Եոհաքիմ Կաուքի կողմէ Գերմանիոյ «համատեղ պատասխանատուութեան» ճանաչումը` Հայոց Ցեղասպանութեան: Գերմանիոյ վարչապետ Մերքել, քաջատեղեակ ըլլալով այս փաստերուն, պէտք է Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանէր իր իսկական անունով` «Ցեղասպանութիւն»…

 Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

«Բարեգործութիւններ»-ը` Իբրեւ Ընտրակաշառքի Մաս

$
0
0

 ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Իւրաքանչիւր քաղաքական կուսակցութիւն ունի իր քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական աշխարհահայեացքը, որուն կը հետեւի եւ կ՛արտայայտուի իր ծրագիրին ու դաւանած գաղափարաբանութեան համաձայն:

Կան կուսակցութիւններ, որոնք մոլեռանդօրէն ազատ շուկայական տնտեսութեան գաղափարախօսութեան կը հետեւին: Քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամէն երեւոյթ կը դիտեն շուկայի ակնոցով:

Անոնց համար պետութեան եւ քաղաքացիին միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են շուկայի շահերուն վրայ, այլ ոչ թէ` հասարակութեան համընդհանուր օգտին:

Հայաստանի մէջ մոլեռանդօրէն ազատ շուկայական տնտեսութեան հաւատացող ուժերը արդէն տեսած ենք 2007-ի ընտրութիւններէն ի վեր: Անոնք իրենց ընտրապայքարը կամ քարոզարշաւը կը տանին «բարեգործութիւններ»-ով:

«Բարեգործութիւն» կամ «բարեսիրութիւն» հասկացողութիւնը կը հակասէ ընկերային արդարութեան արժէքին: Անիկա կը հակասէ բոլոր պետական հաստատութիւններուն, որոնք կը միտին ապահովել ժողովուրդի ընկերային բարօրութիւնն ու  ապահովութիւնը: Կը ժխտէ պետութեան դրական միջամտութիւնը տնտեսութեան մէջ` յանուն հասարակութեան համընդհանուր բարիքին:

Ազատ շուկայական տնտեսութեան բաղկացուցիչներէն մէկն է բարեսիրութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ անհատական մակարդակի վրայ: Մեծահարուստ անհատ մը իր աւելցած արտադրութենէն գանձած գումարները կը բաժնէ: Հայաստանի պարագային, բարեսիրութիւնը միահիւսուած է սակաւապետութեան եւ փտածութեան հետ:

Ազատ շուկայական տնտեսութեան դրօշակիր «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը իր սուր ատամներով բռնած է «բարեգործութիւն» եւ «բարեսիրութիւն» նշանաբանները: 12 յունիս 2018-ին Ազգային ժողովին մէջ «Ծառուկեան դաշինք» խմբակցութեան պատգամաւորներ Միքայէլ Մելքումեանը, Իվեթա Տօնոյեանը, Նայիրա Զոհրաբեանը եւ Սերգէյ Բագրատեանը անդրադարձան «Բարեգործութեան մասին» օրէնքի բարեփոխումներուն. անոնք յայտնեցին իրենց «հիասթափութիւն»-ը եւ վարչապետին կողմէ «Բարեգործութեան մասին» օրէնքի բարեփոխումները անուանեցին «հարուած` Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ իրականացուած բարեգործութեան», «նախկին իշխանութիւններու կողմէ վրէժխնդրութիւն», ինչպէս նաեւ նշեցին, որ վարչապետը (Նիկոլ Փաշինեան) «չի գնահատեր Ծառուկեանի բարի գործերն ու ըրած լաւութիւնները»: Յստակ պէտք է ըլլայ բոլորին, որ պետական հաստատութիւններուն, ընկերային եւ հանրային ծառայութիւններուն չի կրնար փոխարինել որեւէ անհատական բարեգործութիւն կամ բարեսիրութիւն:

Միւս կողմէ ալ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը` իբրեւ ժողովրդավարական եւ ընկերվարական կուսակցութիւն, միշտ ալ սկզբունքայնօրէն դէմ կեցած է ամէն տեսակի ընտրակաշառքի (ներառեալ` բարեգործութեան): 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը յայտարարեց, որ ընտրութիւնները դարձած են «առեւտուրի առարկայ»: Ան անդրադառնալով բարեգործութիւններու հարցին` ըսաւ. «Ընտրութիւններու ժամանակ բարեգործութեան անուան տակ կատարուած բաները կը դիտուին իբրեւ ընտրակաշառք»: Յայտնի են արդէն այդ բարեգործութիւններուն նպատակները, երբ անոնց մասին քարոզչութիւն կը կատարուի պատկերասփիւռի կայաններէն: Այնպէս կը թուի, որ բարեգործութիւնները եղած են ընտրական քարոզարշաւի միջոց` քաղաքական, ընկերային կամ տնտեսական խոստումներուն փոխարէն: ՀՅԴ-ն իր դիրքորոշումը չփոխեց բարեգործութիւններու հարցին շուրջ: 4 յուլիս 2018-ին, խորհրդարանին մէջ ընտրական օրէնսգիրքին բարեփոխումներուն համար ձեւաւորուած Ազգային ժողովի աշխատանքային խումբի առաջին նիստին ընթացքին ՀՅԴ-ի առաջարկներէն գլխաւորն էր «ընտրութիւններէն առաջ (ողջմիտ ժամկէտներով) դադրեցնել բարեգործական կազմակերպութիւններու կողմէ բարեգործութիւններու կատարումը, բացառել ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը այն կուսակցութիւններուն կամ դաշինքներուն, որոնց անունները կը համընկնին բարեգործական կազմակերպութիւններու անուանումներուն հետ»: ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, աւելի պարզաբանելով առաջարկը, օրինակ տալով` ըսաւ. «Եթէ կայ «Պօղոս Պօղոսեան» հիմնադրամ եւ Պօղոս Պօղոսեանը կը փափաքի զբաղիլ քաղաքականութեամբ, ապա անոր կուսակցութեան անունը պէտք է ուրիշ ըլլայ»: «Ծառուկեան դաշինք»-ի անդամները անշուշտ դարձեալ ընդդիմացան բարեփոխումներուն` պատճառաբանելով, որ բարեգործութիւնները ժողովուրդին օգտակար կը դառնան: ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արմենուհի Կիւրեղեանը Ազգային ժողովին մէջ նոյնպէս անդրադարձաւ բաեգործութիւններուն` նշելով. «Անթոյլատրելի է ընտրակաշառքի դրսեւորման իւրաքանչիւր  ձեւ` իբրեւ ընտրակաշառք  ցուցակներով ծրարներով գումար բաժնելէն մինչեւ այնպիսի բարեգործութիւն, որ կրնայ ազդել մարդկային հոգեբանութեան վրայ, կրնայ կախման մէջ դնել մարդը այդ բարեգործութենէն եւ այդպիսով խեղաթիւրել ընտրութեան ճիշդ ընթացքը»:

Ընտրակաշառքները (ներառելով բարեգործութիւնները) նախորդ համակարգի բաղկացուցիչ տարրերէն են, որոնք պէտք է վերջ գտնեն ներկայ Հայաստանի մէջ: Ունենալով այնպիսի ընտրական օրէնք մը, որ քաղաքական դաշտէն հեռու կը պահէ ամէն տեսակի ընտրակաշառք, կը նշանակէ` ժողովրդավարութեան յաղթանակը ընդդէմ սակաւապետութեան:

Ինչպէս գիտենք, Հայաստանը անցումային ժամանակաշրջանի մէջ է: Անցումային ժամանակաշրջանին առողջ ընթանալուն համար անհրաժեշտ է պետութեան ժողովրդավարացումը (մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու յարգում), պետական հիմնարկներու հզօրացումը, կարգ ու կանոնի հաստատումը եւ ընկերային ու տնտեսական արդար կարգերով պետութեան մը ձեւաւորումը:

 

26 Օգոստոս 1915. Ցեղասպան Թուրքեր Մորթոտելով Սպաննեցին Դանիէլ Վարուժանն Ու Ռուբէն Սեւակը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայոց յուշատետրին մէջ օգոստոս 26-ին վերապահուած էջը պատուած է ահաւոր սեւով:

Արիւն եւ սուգ կայ այնտեղ…

26 օգոստոս 1915-ին ցեղասպան թուրքը մարմնաւորող ոճրագործներ դաշոյններով մորթոտեցին Հայկեան Հանճարին ճառագայթող մեծութիւններէն երկուքը` անզուգական Դանիէլ Վարուժանն ու Ռուբէն Սեւակը:

Հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ կողմէ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանական մեծ ոճիրին մասին պատմագրական եւ արխիւային հսկայական գրականութիւն մը գոյութիւն ունի: Հաստափոր հատորներ կը կազմեն հայ ժողովուրդի նահատակութեան վերաբերեալ ականատեսներու վկայութիւնները: Թէեւ այդ վկայութեանց շարքին հազուադէպօրէն կը հանդիպինք 24 ապրիլ 1915-ին ձերբակալուած, աքսորուած եւ նահատակուած հայ մտաւորականութեան անհատ առ անհատ դիմագրաւած ահաւոր վախճանը նկարագրող արխիւային նիւթերու, այսուհանդերձ, մեծանուն մեր արժէքներէն ոմանց նահատակութեան պարագաներուն վերաբերեալ վկայութիւններ գոյութիւն ունին, որոնք ուղղակիօրէն սահմռկեցուցիչ են` գործուած ոճիրին բարբարոսական, վայրագ եւ անմարդկային բնոյթը պարզելու առումով:

Այդ վաւերագրութանց շարքին է վկայութիւնը Հասան անունով թուրք կառապանի մը, որ կը նկարագրէ քստմնելի մանրամասնութիւնները հայ գրականութեան հպարտութիւնը կազմող Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի ահաւոր նահատակութեան:

Այսօր 103-րդ տարելիցն է նահատակութեան մէջ եղբայրացած մեծատաղանդ մեր երկու գրագէտներուն ողբերգական վախճանին: Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի անկորնչելի վաստակին, հանճարեղ ստեղծագործութեան եւ անկրկնելի տեղին մասին ըստ արժանւոյն անդրադառնալու առիթներ կ’ընձեռէ յուշատետրը: Այսօր առանձին կեդրոնացումով խօսքը կը պատկանի թուրք կառապանին, որպէսզի ականատեսի իր վկայութեամբ պատմէ իր ցեղասպան թուրք ազգակիցներուն գործած քստմնելի ոճիրին մասին («Շամտանճեանի յուշագրութիւն»-էն առնուած վկայութիւնը լոյս տեսած է Մուշեղ Իշխանի «Արդի հայ գրականութիւն» դասագիրքերու շարքին երրորդ հատորի մէջ 120-121-ին վրայ).

«Պատմողն է Հասան անունով կառապան մը, որ հայերու Չանղըրը աքսորուած միջոցին նոյն քաղաքին մէջ կը գտնուի: Իրիկուն մը, երբ նստած է ախոռին առջեւ, անծանօթ եւ դաժան դէմքով ձիաւոր մը, առանց ասպնջականութիւն խնդրելու, կու գայ իր ձին կը կապէ Հասանի ախոռին մէջ ու, հեռանալէ առաջ, յիշեալին կը հրամայէ խնամել իր ձին եւ պատրաստել յաջորդ առտուան համար: Հասան գաղտնի կը հետեւի անծանօթին, որ կը մտնէ ծանօթ իթթիհատականներէն մէկուն տունը, ուր քանի մը օրէ ի վեր ժողովներ կը գումարուին եղեր:

«Այժմ թողունք, որ թուրք կառապանը ինք խօսի.

«Հետեւեալ օրը, արեւածագէն առաջ ուրիշ անձ մը եկաւ ձին առնելու: Այդ մարդը ինծի միաժամանակ ազդարարեց, թէ պարտաւոր էի կառքովս միասին երթալու գիւղէն քառորդ ժամ հեռու տեղ մը եւ ինքզինքս դնելու ոստիկանութեան տրամադրութեան տակ: Հրաման մըն էր, որ ինծի կը հաղորդէր. հարկադրուեցայ հնազանդելու: Առաջադրուած տեղին մէջ ուրիշ կառք մը կեցած էր: Հոն կը գտնուէին ոստիկանական պաշտօնեայ մը` ոստիկան զինուորի մը ընկերակցութեամբ, ինչպէս նաեւ` Պոլսէն Չանղըրը աքսորուած հինգ էֆենտիներ: Անոնցմէ մէկը երիտասարդ մըն էր, սեւ մօրուքով ու վառվռուն աչքերով: Անոնք ամէնքն ալ քաղաքին պէյերուն պէս լաւ հագուած էին: Ձեռքերնին կապուած էր: Մտահոգ եւ ընկճուած երեւոյթ մը ունէին: Ոստիկանական պաշտօնեան զանոնք առաջնորդեց իմ կառքս եւ ինքն ալ մտաւ միւսին մէջ` ոստիկան-զինուորներն ալ միասին: Մեզի հրաման տրուեցաւ ճամբայ ելլելու Թիւնէյ գիւղի ուղղութեամբ, որ Չանղըրըէն վեց ժամ հեռու է:

«Ժամ մը յառաջացած էինք, երբ ճամբու դարձած մէկ կէտին վրայ տեսնուեցաւ իրիկուան ձիաւորը, որ մեր ճամբան խաչաձեւեց եւ առաջ անցաւ` առանց բառ մը արտասանելու: Քիչ վերջ կրկին ու երկրորդ անգամ խաչաձեւեց մեր ճամբան` մեր շուրջ դեգերելու երեւոյթով մը: Թիւնէյի կէս ժամ մօտեցած էինք, երբ յանկարծ միեւնոյն անձը մեր առջեւ տնկուեցաւ: Շիտակ կառքիս վրայ եկաւ, իջաւ ձիէն եւ իմ ձիերուս սանձերը բռնելով` ուզեց կառքը առաջնորդել ճամբէն դուրս, բլուրին տակը, հեղեղատէ գոյացած խորունկ ձորամէջը: Գետին ցատկեցի, նոյնը ըրաւ նաեւ ոստիկան-զինուորը. կարծեցինք, որ աւազակներէ յարձակում պիտի կրենք եւ ինքնապաշտպանութեան կը պատրաստուէինք, բայց վրայ հասաւ ոստիկանութեան պաշտօնեան եւ մեզի հրամայեց քաշուիլ ու միաժամանակ մեծ ակնածանքով անծանօթին բարեւեց: Այդ ռոպէին մեր առջեւ ցցուեցան չորս հոգիներ` մինչեւ իրենց ակռաները զինուած:

«Անծանօթը, որ կը թուէր, թէ անոնց պետն էր, նշան մը տուաւ: Այս մարդիկը բռնեցին զիս եւ միւս կառապանը, մեր ձեռքերը կապելէ ետք կառքէն վար իջեցուցին հինգ աքսորականները, որոնց հրամայեցին իրենց ունեցած դրամները յանձնել: Եւ որովհետեւ ձեռքերնին կապուած էր, զանոնք խուզարկելու գործը ստանձնեցին ոստիկանները, որոնք անոնցմէ կողոպտեցին, ինչ որ ունէին` դրամ, զանազան առարկաներ, սիկառնիկ, թղթապանակ, համրիչ: Ոստիկանը քանի մը բառեր փսփսաց չեթէներու պետին ականջին: Կ’երեւայ, թէ վերջինէս խնդրեց կողոպուտը իրեն եւ ոստիկան-զինուորին թողուլ: Այս գործողութիւնն ալ աւարտելէն ետք ոստիկանը եւ ոստիկան-զինուորը միւս կառքը նստելով` մեկնեցան: Իմ ձեռքերս ալ քակելով` արտօնեցին, որ քաղաք վերադառնամ: Գալով աքսորականներուն, չորս չեթէներուն եւ անոնց պետին կողմէ հրամայուեցաւ իրենց հետեւիլ:

«Զանոնք հեռուէն կը դիտէի. հետաքրքրութիւնը զիս անհանգիստ կ’ընէր… արդեօք այդ էֆենտիները ո՞ւր կը տանէին: Ձորամէջը կտրելով` անցան միւս եզրը, ուր փոքր անտառիկ մը բլուրը կը զարդարէ: Քիչ մը աւելի յառաջանալով` անոնց պետը արտասանեց քանի մը բառեր, որոնք չկրցի հասկնալ, քանի որ ես անոնցմէ բաւական հեռու էի: Ասկէ ետք մարդիկը յարձակեցան էֆենտիներուն վրայ, անոնց զգեստները հանեցին եւ բոլորովին մերկացուցին… չեմ կրնար նկարագրել այն տեսարանը, որուն ներկայ եղայ…

«Այս խեղճ զոհերը մէկիկ-մէկիկ ծառերուն կապուեցան: Իրենց ձեռքերը կապուած ըլլալով` չէին կրնար ինքզինքնին պաշտպանել: Յետոյ չեթէապետը եւ իր մարդիկը իրենց դաշոյնները մերկացուցին եւ սկսան դանդաղօրէն ու հանդարտ կերպով զանոնք մորթոտել: Դատապարտեալներու աղաղակը եւ անոնց յուսահատ կատաղութիւնը սիրտս կը ճմլէին…»:

103 տարուան հեռաւորութնէն իսկ քստմնելի ոճիրի այդ պահը այսօր ալ կը փշաքաղէ ընթերցողին ողջ էութիւնը:

Աւելորդ են մեկնաբանութիւնները:

Այսպէ՛ս նահատակուեցան Վարուժան եւ Սեւակ:

Այսպիսի՛ անասնական վայրագութեամբ եւ ցեղապաշտական մոլուցքով գործադրուեցաւ թրքական պետութեան ծրագրած ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդի աւելի քան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն դէմ:

Իսկ քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհը ոչ միայն օրին Պիղատոսի պէս ձեռքերը լուաց, այլեւ մինչեւ մեր օրերը ահա անպատիժ ձգած է յանցագործ ցեղասպանը` անոր նորանոր ոճիրներուն նկատմամբ ձեռնածալ մնալով…

«Դէ՜, ե՛կ վարդապետ եւ մի՛ խելագարուիր»…

 

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Չինաստան Մուտք Կը Գործէ Կովկաս` Երեւանի Ճամբով

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Չինաստանը այսօր միջազգային քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան մէջ իր հաստատուն տեղը ունեցող երկիր է: Փորձագէտներու գնահատականներով, անիկա իր տնտեսական ուժով մօտակայ 20 տարուան մէջ պիտի գերազանցէ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական ուժը:

Հայ-չինական յարաբերութիններուն մասին գրելը բաւական խոր պատմագիտական ուսումնասիրութեան կը կարօտի: Այս յօդուածով պիտի անդրադառնամ, թէ վերջին տասնամեակին ի՛նչ ոլորտներու մէջ զարգացան այդ յարաբերութիւնները, եւ թէ ինչպէ՛ս ապագային Հայաստանը կրնայ օգտուիլ անոնցմէ:

Հայ-չինական յարաբերութիւնները զարգացած են առեւտրական, մշակութային եւ քաղաքական-ռազմական ոլորտներու մէջ:

Ըստ հայաստանեան պաշտօնական վիճակագրութեան, Չինաստան Հայաստանի հետ առեւտուրի երկրորդ մեծագոյն գործընկերն է, եւ վերջին տարիներուն երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը 50 առ հարիւրով աճ արձանագրած է` հասնելով 342 միլիոն տոլարի:

6 ապրիլ 1992-ին երկու երկիրները հաստատեցին դիւանագիտական յարաբերութիւն, իսկ 2015-ին վերելք ունեցաւ այդ յարաբերութիւնը, երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Փեքին, ուր երկու երկիրները կնքեցին առեւտրական եւ զինուորական համաձայնագիրներ:

Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութեան իբրեւ արդիւնք` Չինաստան 5 միլիոն եուանի (շուրջ 823 հազար տոլար) չափով ռազմական նուիրատուութիւն տրամադրեց հայկական բանակին: Յայտնենք նաեւ, որ Հայաստանը Չինաստանէն գնած է WM-80 «Թայֆուն» համազարկային հրթիռային համակարգեր («Ռազմինֆօ», 11 ապրիլ 2017):

Փեքին ա՛լ աւելի խորացուց իր մուտքը Երեւան, երբ անցեալ տարի սկսաւ կառուցել իր նոր եւ հսկայ (40.000 քառ. մեթր) դեսպանատունը Երեւանի մէջ: Այս դեսպանատունը պիտի դառնայ նախկին խորհրդային երկիրներու մեծագոյն երկրորդ դեսպանատունը:

Անցեալ շաբաթ բացուեցաւ «Հայ-չինական բարեկամութեան» դպրոցը, որ կարելիութիւնը ունի ընդունելու հարիւրաւոր հայ աշակերտներ` սորվելու համար չինարէն Երեւանի մէջ: Դպրոցի բացման ներկայ էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Չինաստանի դեսպան Թիան Էրլոնկը:

Ըստ չինական պաշտօնական աղբիւրներու («Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայան, 22 օգոստոս 2018), աւելի քան 12 միլիոն տոլար ծախսուած է, որպէսզի կառուցուի այս հսկայ դպրոցը, որ պիտի կարենայ ընդունիլ 10-18 տարեկանի 405 աշակերտ: Դպրոցին նպատակն է չինարէնի մասնագէտներ պատրաստել Հայաստանի մէջ:  Երկու կողմերը գնահատեցին այս քայլը. Հայաստանի վարչապետը զայն որակեց իբրեւ «ռազմավարական մտածողութեան սկզբնական քայլ մը», ան նաեւ շեշտեց, որ երկու կողմերը ունին հասարակաց շահեր: Սակայն վաչապետը նաեւ անդրադարձաւ, որ այս դպրոցին առաքելութիւնը մշակոյթէն անդին է եւ ունի տնտեսական հեռանկար: Հայաստանի մէջ չին զբօսաշրջիկներուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ, հետեւաբար չինարէնին տիրապետելով Հայաստանը հրապուրիչ պիտի ըլլայ չիներուն համար, որոնք դիւրութեամբ պիտի կարենան հաղորդակցութեան մէջ մտնել Հայաստանի քաղաքացիներուն հետ:

Այստեղ կարեւոր է նշել նաեւ, որ 2012-էն սկսեալ Չինաստան Հայաստանին տրամադրած է 37 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն, մասնաւորապէս` մարդասիրական ոլորտին մէջ:

Ըստ Սիմոն Սարաջեանի «Հայաստան եւ Չինաստան` փաստարկներ յատուկ համագործակցութեան օգտին» ուսումնասիրութեան, Հայաստան-Չինաստան յարաբերութիւնները պէտք է ունենան նաեւ ռազմավարական հեռանկար:

Սարաջեանը կը հաւատայ, որ ռազմական ոլորտին մէջ կապերը ամրապնդելու համար, օրինակ, Հայաստանի կառավարութիւնը  կրնայ դիտարկել հայկական զինուորական ստորաբաժանումը չինական զօրակազմին կցելու կարելիութիւնը, երբ Չինաստան յաջորդ անգամ որոշէ զօրքեր առանձնացնել ՄԱԿ-ի հովանիին տակ իրականացուոող գործողութիւններու համար: Եթէ հայ խաղաղապահները գերմանական հրամանատարութեան տակ կրնան մասնակցութիւն ունենալ ՕԹԱՆ-ի գործողութիւններուն Աֆղանիստանի մէջ, ապա ինչո՞ւ չմասնակցին ՄԱԿ-ի գործողութիւններուն` չին հրամանատարներու ղեկավարութեամբ:

Աւելի՛ն. Չինաստանը աւելի շահագրգռուած կ՛ըլլայ Հայաստանի անվտանգութեամբ եւ զարգացումով, եթէ քանի մը հազար չին գիւղացիներ աշխատին հայկական գիւղատնտեսական հողերուն մէջ, ուր աշխատուժի պակաս կայ: Անշուշտ մեր նպատակը հայ հողագործը չին հողագործով փոխարինելը չէ, սակայն ինչպէս այլ երկիրներու մէջ, ուր մարդուժի պակաս կայ, քանի մը տարուան ընթացքին կարելի է Հայաստանի գիւղատնտեսութիւնը զարգացնել շնորհիւ չին հողագործներուն:

Վերջապէս, Չինաստանը կ՛ապրի տնտեսական եւ ռազմական վերելքի մը, եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է լաւապէս գիտակցի այս իրողութեան: Հայաստանը պէտք է փնտռէ այլ գործընկերներ` միջազգային յարաբերութեան մէջ, եւ ինչ որ Արեւմուտքը կամ Ռուսիան չկարենան մեզի հրամցնել, կարելի է Չինաստանին դիմել` մեր ուզածը ձեռք ձգելու համար:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Արցախը Մեր Հպարտութիւնն Է. (Արցախի Անկախութեան Հռչակման 27-ամեակ)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Մեր անմիջական շրջապատին մէջ յաճախ կը լսենք, թէ այլեւս պէտք է զանց առնել դասականութիւն բուրող խորագիրներ, ձերբազատիլ կարգախօսային բառերու շքերթէն, շրջանցել, այսպէս ըսած,  կաղապարուած մտածումներու պարտադրանքը եւ հարցերուն մօտենալ առարկայականօրէն, քննական միտքով եւ առանց բարդոյթի:

Այսինքն, ըսել ուզուածը հաւանաբար այն է, որ յօդուածները պէտք է ըլլան հատու` իրենց բովանդակութեամբ, եւ ցնցիչ` իրենց խորագիրով, որպէսզի ընթերցասէր (եթէ տակաւին գոյութիւն ունի) հասարակութեան ուշադրութիւնը գրաւել կարենանք:

Թէ ինչո՞ւ նման մտածումներ մեր միտքը չարչրկեցին, յատկապէս այս պատեհ առիթին` Արցախի անկախութեան հռչակման տօնին, պարզապէս որովհետեւ մեր կարգին, ներքին համոզումով մը, կը փորձենք ամէնամեայ յիշատակումներու ձեւը փոխել, մատուցման եղանակին մէջ նորարար ըլլալ, նորովի արտայայտութիւններ եւ միտքեր արձանագրել, այո՛, ըլլալ առարկայական, ցոյց տալ քննական մտքի ու ոգիի հարթութիւն եւ արժեւորման կարգով` անդրադառնալ տուեալ տօնին:

Այդուամենայնիւ, շատ անգամ զգացականութիւնն ու ազգային ապրումները կը պարտաւորեցնեն յաղթահարել յիշեալ առարկայականութիւնը եւ ընթացք տալ ներքին ձայնին, խորասոյզ ապրումին եւ հոգիէ բխող դրսեւորումներու:

Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է յիշատակել ազգակերտ թուական մը, պետութեան հիմք հանդիսացող տօն մը, ազգային ազատագրական պայքարին իմաստը շեշտադրող հաւաքական կեցուածք մը, առանց թոյլ տալու, որ հպարտանքի ճառագայթումներ իրենց գեղեցկութեամբ տողանցեն սպիտակ էջերու վրայ:

Բացարձակ ճշմարտութիւն է, որ Հայաստանի վերանկախացումով (1991) եւ Արցախի ազատագրական պայքարի բռնկումով (1988-1994) հայութեան ներաշխարհն ու դիմագիծը, կեցուածքը, պետական-քաղաքական, տնտեսական-հասարակական, գաղափարական-բարոյական ըմբռնումները  պայծառացան, շնչաւորուեցան,  առաւել ամրապնդուեցան, բայց մանաւանդ` ազգովին վերականգնելու ճանապարհը մտաւ նոր հուն, որով պիտի բոցավառէր ազգային արժանապատուութիւնը, ներհայկական ուժականութիւն, լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը:

Բռնատէր ու մեծ դահիճ Ստալինի օրով (1923) նորելուկ Ազրպէյճանի բռնակցուած մեր սքանչելի հայրենիքէն հողամաս մը` Արցախ աշխարհը, շնորհիւ իր մարտունակ ժողովուրդին ցոյց տուած անգնահատելի տոկունութեան, քաջութեան, զոհաբերութեան ոգիին ու հայրենապաշտութեան, կը վերամիանար հայոց սրտին` Երեւանին, յոյս, կորով եւ ինքնավստահութիւն ներշնչելով ամբողջ հայութեան:

Փաստօրէն, արցախահայութեան դէմ շղթայազերծուած թուրք-ազերիական վայրագութիւններն ու սպանդները կարծես ազդանշան էին հայութեան բնաջնջումի նոր ծրագիրի մը, պարտադրուած պատերազմի, որուն դէմ ելաւ արցախցին, սէգ ճակատով եւ անվախօրէն:

Արցախահայութիւնը իր գոյապայքարին մէջ առանձին չմնաց, Հայաստանի հողին վրայ ապրող հայրենասէր երիտասարդութիւնն ու սփիւռքահայութիւնը ընդառաջեցին կոչին, հրաւէրին, անոնք իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերեցին, թեւ եւ թիկունք եղան, արեամբ մկրտուեցան, աւելի եղբայրացան, զարկին ու զարնուեցան,  դարձան նորօրեայ ֆետայի ու անզուգական հրամանատար, կերտեցին մեր օրերու փառքն ու պանծալի պատմութիւնը:

Ու հայութիւնը աւելի քան հինգ հազար նահատակներու եւ տասնեակ հազար վիրաւորներու գնով ստեղծեց իր պետականութիւնը եւ Եռագոյնը պարզեց Մռաւ լերան գագաթին` իբրեւ խորհրդանիշ ազատութեան եւ անկախութեան:

Այսօր, 27 տարիէ, արցախահայութիւնը կը շարունակէ իր պայքարը: Պայքար` պետականաշինութեան եւ ժողովրդավար կարգերու հաստատման:

Պայքար` միջազգային ճանաչում ապահովելու, թուրք-ազերիական հայատեաց,  յարձակողապաշտ եւ վայրագ ախորժակները գերեզմանելու:

Պայքար` թշնամական սպառնալիքներ փճացնելու, ոտնձգութիւններ փշրելու եւ յարձակող հորդաներ զգետնելու:

Միւս կողմէ, ճիշդ է նաեւ այն, որ միջազգային համայնքը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի միջոցաւ կը փորձէ իր «հաշտարարի» եւ «անկողմնակալի» վարքագիծը յառաջ քշել, հարաւային Կովկասը իր ազդեցութեան տակ պահելու միտումով, անդին, որոշումի կեդրոններ, բացայայտ թէ գաղտնի, տիւ եւ գիշեր կ՛աշխատին մեծապետական իրենց քաղաքականութիւնը իր լրումին հասցնել, փորձելով ճնշել արցախահայութիւնը, որպէսզի ընդունի այնպիսի մութ ծրագիրներ, որոնք միտուած են հաշուեյարդարի ենթարկել հայութեան նոր ժամանակներու յաղթանակը:

Բնականաբար, Արցախի հայութիւնը, իր կողքին ունենալով պետական կարգն ու սարքը, դիւցազուն բանակն ու ամբողջ հայութեան կարողականութիւնը, կը փորձէ կանգուն մնալ, դիմադրել եւ շրջանցել իր դէմ նիւթուած դաւերը:

Եւ ահա, 27 տարիէ Արցախի պետականութիւնը կը շարունակէ բարեկարգել ինքզինք, սրբագրել բացթողումները եւ հաստատագրել ժողովրդավարական բազում սկզբունքներ: Փաստօրէն, եւ հոս կը կայանայ հիմնական արժէքը, որ, հակառակ Արցախի դիմակայած բազմաբեւեռ մարտահրաւէրներուն` պատերազմական վիճակ, տնտեսական դժուարութիւն, քաղաքական արտաքին դաւադրութիւններ, ընկերային մտահոգութիւններ եւ ներքին ժողովրդական պահանջներ, արցախահայութիւնը` ապաւինած իր պետականութեան, կը շարունակէ ժողովրդավար երկիր կառուցելու իր երթը, կամքը:

Սրբազան երթ, որ կը դիմագրաւէ բազմաթիւ դժուարութիւն (փտածութիւն, շահադիտական մօտեցումներ, ապօրինի գործարք, անփառունակ վարքագիծ, փառասիրութիւն, գողական արտայայտութիւններ, փառքի յափշտակութիւն, յամեցող բացթողումներ) եւ այլն, որոնց վերացումը հրամայական պահանջէ մը շատ աւելին է, անյետաձգելի գործընթաց` շուտափոյթ եւ առանց ներքին ցնցումներու:

Արդ, Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութեան անմիջական ազգեցութեան տակ գտնուելով, երբ Արցախի մէջ լսուեցան բողոքի ու ցասումի արտայայտութիւններ, երբ պոռթկումի արշաւներ կազակերպուեցան յանուն արդարութեան եւ իրաւունքի պաշտպանութեան, ճիշդ է, որ պահ մը, ամբողջ հայութիւնը ակնապիշ քամուեցաւ` ի տես եղածին, ուզեց հասկնալ պատահածը, ըմբռնել անոնց ներքին իմաստները, այդուհանդերձ, հայութեան ուշադրութենէն չվրիպեցաւ նաեւ անհրաժեշտութիւնը` ըլլալու զգաստ եւ լրջախոհ, գերազանցապէս քաղաքակիրթ ու հայրենասէր:

Ճիշդ է, որ չենք կրնար մենք մեզ կոյր ձեւացնել, անտեսելով ժողովրդական արդար պահանջները, չենք կրնար մենք մեզ խաբել ամէն ինչ վարդագոյն տեսնելով, չենք կրնար երիտասարդական պոռթկումներ եւ ակնկալութիւններ վարկաբեկել, ի չիք հանելով անոնց խանդավառութիւնն ու աւելի արդար պետութիւն կառուցելու անոնց համոզումը, երազանքը:

Ժողովրդավարութիւնը արդի ժամանակներու մեծագոյն յաղթանակն է, իրաւ, արդար, անխարդախ, հաւասար ու ապագայակերտ հասարակութիւն կերտելու, որուն իրականացման ջահակիրները երիտասարդութիւնն ու քաղաքական մտքի տէր հեղինակութիւններն են, որոնց հասունութեամբ կարելի կ՛ըլլայ, այսպէս ըսած, իտէալական հասարակակարգ ու պետականութիւն կառուցել:

Սակայն, զարմանալին ու անըմբռնելին կը մնայ այն երեւոյթը, դժբախտ ու միշտ դատապարտելի, երբ, այսպէս ըսած, քաղաքական մտքի հասունութիւն ձեռք ձգած հայ անհատներ (նախկին նախագահ, Ազգային ժողովի անդամ, նախարար թէ պետական գործիչ), որոնք ինչ-ինչ պատճառներով ցոյց կու տան այնպիսի տխեղծ ու դաւադիր վերաբերում` ընդհանրապէս արցախեան հարցին (ազատագրուած հողերու վերադարձ) եւ մասնաւորաբար` ներքին պահանջներու (խլրտումներ յարուցանելով), որոնց ի տես, պահ մը, հայրենասէր անհատը կը շշմի ու կը տրտմի:

Այդուհանդերձ, կը հաւատանք հայութեան ողջմիտ եւ հայրենապաշտի ներքին ուժին ու գիտակցական մակարդակին, որուն ականատես եղանք արցախեան գոյապայքարի ողջ տեւողութեան, երբ ֆետայական մահապարտ խումբեր, հայոց բանակի տղաներ ու հրամանատարական կազմի անդամներ, հրաշքներ գործեցին յանուն ազգային արժանապատուութեան, հայրենիքի պաշտպանութեան եւ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան:

Փաստօրէն, 2016-ի չորսօրեայ մարտերը եկան անգամ մը եւս ապացուցելու հայոց բանակի գերազանց մարտունակութիւնը, զօրակոչիք տղոց հրաշալի սխրանքն ու թշնամին հարուածելու պատրաստակամութիւնը:

Եւ այս հաւատամքին ու կամքին դիմաց մենք միայն կրնանք խոնարհիլ, յիշել ու յիշեցնել, թէ Արցախը մեր հպարտութիւնն է, ապագան ու ճակատագիրը:

Արցախի հզօրանքը ամբողջ հայութեան յաղթանակն է, պայծառ ապագայ կերտելու ուղին: Արցախահայութիւնը յաղթեց թշնամիին եւ ծունկի բերաւ թուրքը, որ մինչեւ վերջ պիտի շարունակէ ի գործ դնել իր հայասպանութեան ծրագիրը:

Ինչ կը վերաբերի որկրամոլ անհատներու թէ լպիրշ նկարագիր ունեցողներու ամէնօրեայ քարոզին, թէ Արցախի հարցը հայութեան համար գլխացաւանք է, անոնց կ՛ըսենք, եւ քաջաբար, ըլլան անոնք հայանուն թէ օտարերկրացի, թէ Արցախի հողին վրայ ազգային ազատագրական պայքար մղելով հայութիւնը վերածնաւ, աւելի հայացաւ, ճանչցաւ իր սեփական արժանիքները, ըմբռնեց աշխարհաքաղաքական բոլոր խաղերուն իսկութիւնը, եւ, ապաւինելով իր բազուկին ու զէնքին, փրկուեցաւ ու հայրենիք պահեց, ժողովուրդ պաշտպանեց:

Իրօք, հայութիւնը արժանացաւ բոլորին յարգանքին, թշնամի թէ բարեկամ, որովհետեւ տէր եղաւ իր ազգային արժանապատուութեան:

 

Անձեռնմխելիութեան Սահմանադրաիրաւական Հաստատութիւնն Արցախում

$
0
0

ՎԼԱԴԻՄԻՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Արցախի Հանրապետութեան
վաստակաւոր իրաւաբան

Իրաւաբանական իմաստով անձեռնմխելիութեան եզրոյթի տակ հասկացւում է մարդու եւ քաղաքացու, պետութեան որոշ պաշտօնատար անձանց կարգավիճակը, տուեալ դէպքում` նրանց պաշտպանուածութիւնը ցանկացած հակաիրաւական ոտնձգութիւնից:

Անձեռնմխելիութեան հաստատութիւնը հազարամեակների պատմութիւն ունի: Դեռեւս Հռոմէական կայսրութիւնում, պատրիկների եւ պլեբէյների միջեւ պայքարի արդիւնքում պլեբէյները հասան նրան, որ նրանց կողմից ընտրուած ներկայացուցիչների` ժողովրդական տրիբունների անձը յայտարարուեց սրբազան ու անձեռնմխելի, եւ ցանկացած մարդ, ով որեւէ ոտնձգութիւն կ՛անէր տրիբունների նկատմամբ` օրէնքից դուրս էր յայտարարւում եւ պլեբէյներն իրաւունք ունէին սպաննելու այդ մարդուն` առանց պատժուելու վախի: Ի վերջոյ Հռոմի ծերակոյտը մ.թ.ա. 493թ. ընդունեց պլեբէյների պահանջը եւ նշանակեց առաջին տրիբուններին:

Արցախի սահմանադրութեան  14, 25, 31, 32, 92, 112 եւ 159-րդ յօդուածներում ուղղակիօրէն մատնանշուած անձեռնմխելիութեան եզրոյթի  շեշտադրումներն կապուած են պետական սահմանների  անկապտելիութեան, մարդու եւ քաղաքացու, ինչպէս նաեւ հանրապետութիւնում մի շարք պաշտօնատար անձանց յատուկ կարգավիճակի հետ:

Չնայած սահմանադրութեան 1, 33, 34, 60 եւ 137-րդ յօդուածներում անձեռնմխելիութեան եզրոյթը չի ամրագրուած, սակայն այդ կանոնների վերլուծութիւնից նկատելի է, որ անձեռնմխելիութեան հիմնարկի իրաւական ռեժիմի տարրերը նոյնպէս կարելի է տարածել դրանց վրայ: Անդրադառնանք վերոնշեալ կանոններին:

1.- Պետութեան անձեռնմխելիութեան / յօդուած 1/  իրաւական բնոյթը պետութեան ինքնիշխանութեան յատկանիշի շարունակութիւնն է միջազգային բնոյթի քաղաքացիաիրաւական յարաբերութիւններում, որտեղ գործում է <հաւասարը հաւասարի նկատմամբ չունի իրաւասութիւն> սկզբունքը, այսինքն` պետութիւնը չի կարող ներգրաւուել որպէս պատասխանող այլ պետութեան դատարանում եւ նրա նկատմամբ չեն կարող կիրառուել դատական աքթերի հարկադիր կատարման միջոցներ:

2.- Պետական սահմանների անձեռնմխելիութիւնը /յօդուած 14/ ամրագրում է Արցախի զինուած ուժերի տեղն ու դերը հանրապետութեան պաշտպանութեան, անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմանների անձեռնմխելիութեան բնագաւառներում: Այդ յօդուածի շրջանակներից  դուրս հանրապետութեան զինուած ուժերն այլ գործողութիւններ կատարել չեն կարող եւ քաղաքական հարցերում պարտաւոր են պահպանել չէզոքութիւն:

3.- Իւրաքանչիւր անձի ֆիզիքական եւ հոգեկան անձեռնմխելիութեան իրաւունքը /յօդուած 25 / ներառելով երկու հասկացութիւն, կազմում է անձնական անձեռնմխելիութեան հիմքը: Ֆիզիքական  անձեռնմխելիութիւնը ենթադրում է, որ անձն իր մարմնի, նրա առանձին օրկանների եւ հիւսուածքների օգտագործման եւ տիրապետման  հարցերով որոշումներ կայացնելու  ընթացքում գործում է ինքնուրոյն: Իսկ հոգեկան անձեռնմխելիութեան դէպքում անձն իր գիտակցութեանը եւ կամքին համապատասխան ազատ վարքագիծ է դրսեւորում: Ֆիզիքական եւ հոգեկան անձեռնմխելիութեան իրաւունքը  կարող է սահմանափակուել օրէնքով` պետական անվտանգութեան, յանցագործութիւնների կանխման կամ բացայայտման, հասարակական կարգի, առողջութեան եւ բարոյականութեան կամ այլոց հիմնական իրաւունքների եւ ազատութիւնների պաշտպանութեան նպատակով:

Բժշկութեան եւ կենսաբանութեան ոլորտներում, առանց անձի համաձայնութեան, արգելւում են գիտական, բժշկական,եւգենիկական / մարդու սելեկտաւորում / կամ այլ փորձերը, մարդու օրկանները եւ հիւսուածքները շահոյթի աղբիւր դարձնելը, մարդու վերարտադրողական քլոնաւորումը:

4.- Խոշտանգման,անմարդկային կամ նուաստացնող վերաբերմունքի կամ պատժի արգելքը / յօդուած 26 /  բխում է մի շարք միջազգային հռչակագիրներից եւ հռչակագրերից, սակայն այդ փաստաթղթերում  քննարկուող իրաւական նորմի տարրերի սահմանումները չեն տրուած: Դրանք կարելի է բացայայտել միայն եւրոպական դատարանի նախադէպային դատական որոշումներում:

5.- Անձնական ազատութեան անձեռնմխելիութիւնը նշանակում է, որ ոչ ոք չի կարող անձնական ազատութիւնից զրկուել այլ կերպ, քան` սահմանադրութեան յօդուած 27-ով նախատեսուած դէպքերում եւ օրէնքով սահմանուած կարգով: Կալանաւորումը, կալանքի տակ պահելը, բժշկական կամ դաստիարակչական հաստատութիւնում անձին հարկադրաբար տեղաւորելը թոյլատրւում է միայն դատարանի որոշմամբ: Մինչեւ դատարանի համապատասխան որոշումն ստանալն անձը չի կարող ձերբակալման պատճառով անազատութեան մէջ պահուել 72 ժամից աւելի:

Սահմանադրութեամբ նախատեսուած են նաեւ պատուի ու բարի համբաւի, մասնաւոր եւ ընտանեկան կեանքի ու բնակարանի  սեփականութեան անձեռնմխելիութեան իրաւունքը, նամակագրութեան, հեռախօսային խօսակցութիւնների եւ հաղորդակցութեան այլ ձեւերի ազատութեան գաղտնիութեան,  քաղաքացուն վերաբերող անձնական տուեալների պաշտպանութեան, դաւանանքի ազատութեան իրաւունքը եւ այլն:

Պաշտօնատար անձանց  շարքում յատուկ անձեռնմխելիութեամբ օժտուած են հանրապետութեան նախագահը /յօդուած 92 /, Ազգային ժողովի պատգամաւորները / յօդուած 112 /, դատաւորները / յօդուած 137 / եւ Մարդու իրաւունքների պաշտպանը / յօդուած 159 /:

Իւրաքանչիւր ժողովրդավարական պետութեան ղեկավարի անձեռնմխելիութեան ծաւալի շրջանակների սահմանման  դէպքում հաշուի են  առնւում տուեալ երկրի սահմանադրական մշակոյթը, քաղաքական փորձը եւ ազգային առանձնայատկութիւնները: Դրա հետ մէկտեղ, իւրաքանչիւր երկրում անձեռնմխելիութիւնը հանդէս է գալիս որպէս պետութեան գլխի իրաւական կարգավիճակի տարր եւ նա գործունէութեան երաշխիք` դրանով իսկ ապահովելով նախագահի գործունէութեան անխափան աշխատանքը:

Սահմանադրաիրաւական նորմերի վերլուծութիւնը ցոյց է տալիս, որ մեր երկրի նախագահի հաստատութիւնը պետական իշխանութեան բարձրագոյն մարմինների համակարգում առաջնային, առանցքային է: Նախագահը պետութեան գլուխն է եւ գործադիր իշխանութեան  ղեկավարը, հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւորը:

Սահմանադրութեան 92-րդ յօդուածի համաձայն, հանրապետութեան նախագահն անձեռնմխելի է: Իր լիազօրութիւների ժամկէտում եւ դրանից յետոյ հանրապետութեան նախագահը չի կարող հետապնդուել եւ պատասխանատուութեան ենթարկուել իր կարգավիճակից բխող գործողութիւնների համար: Իր կարգավիճակի հետ չկապուած գործողութիւնների համար հանրապետութեան նախագահը կարող է պատասխանատուութեան ենթարկուել իր լիազօրութիւների աւարտից յետոյ:

Սահմանադրաիրաւական այս նորմը, որ կար նաեւ 2006 թուականի խմբագրութեամբ սահմանադրութիւնում եւ վերցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան  2005 թուականի փոփոխութիւններով սահմանադրութիւնից, հանրապետութեան նախագահի անձեռնմխելիութեանը տալիս է ամբողջական, բացառիկ, իսկ պաշտօնավարումից յետոյ` յարաբերական բնոյթ: Առաջին դէպքում կարգավիճակից բխող գործողութիւնների համար սահմանադրութիւնը նախագահին ազատում է պատասխանատուութիւնից, իսկ երկրորդ դէպքում` պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցը պայմանաւորում է նրա կարգավիճակի հետ չկապուած գործողութիւններով, այսինքն այդ ենթադրեալ գործողութիւնները / արարքները /  պէտք է սահմանադրութեամբ սահմանուած նախագահի լիազօրութիւնների հետ որեւէ կապ չունենան:

Դժուար չէ նկատել, որ նախագահի անձեռնմխելիութեան վերաբերեալ սահմանադրաիրաւական այս նորմը դուրս է գալիս անձի անձեռնմխելիութեան ընդհանուր սկզբունքների շրջանակներից եւ հակասութեան մէջ է գտնւում  օրէնքի եւ դատարանի առջեւ բոլորի հաւասարութեան սկզբունքի հետ: Ստացւում է, որ սահմանադրութեան մէկ նորմով խախտւում է մէկ այլ նորմ, չնայած` երկու նորմերն էլ հաւասար իրաւաբանական ուժ ունեն: Այնուհանդերձ, պէտք է նկատի ունենալ, որ հանրապետութեան նախագահն անձնաւորում է պետականութիւնը, ժողովուրդին, նրա` որպէս պետութեան ղեկավարի կարգավիճակը, տեղն ու դերը պետական իշխանութեան հաստատութիւնների համակարգում ենթադրում են, որ նրա նկատմամբ քրէադատավարական եւ վարչական գործողութիւններն անխուսափելիօրէն երկիրը կը տանեն դէպի քաղաքական անկայունութեան եւ ցնցումների: Այդ առումով, դժուար է պատկերացնել մի վիճակ, երբ նախագահը ենթարկուի անձնական խուզարկութեան, ձերբակալման եւ այլն:

Հանրապետութեան նախագահի անձեռնմխելիութիւնը չի սահմանափակւում միայն անձնական անձեռնմխելիութեամբ.այն տարածւում է նրա կողմից զբաղեցրած ծառայողական նստավայրի, անձնական բնակարանի, փոխադրամիջոցների, կապի, նրան պատկանող փաստաթղթերի եւ իրերի վրայ:

Պէտք է ենթադրել, որ նախագահը քաղաքացիաիրաւական յարաբերութիւններում անձեռնմխելիութեան իմունիտետով չի օժտուած: Նրա հրամանագրերը եւ կարգադրութիւնները Գերագոյն դատարանի կողմից կարող են ճանաչուել հակասահմանադրական, նա դատարանում կարող է պատասխանող լինել:

Նախագահի անձեռնմխելիութիւնը բնաւ չի նշանակում նրա քաղաքական սահմանադրական պատասխանատուութեան բացակայութիւն: Համաձայն սահմանադրութեան 97-րդ յօդուածի, հանրապետութեան նախագահը կարող է պաշտօնանկ արուել պետական դաւաճանութեան կամ այլ ծանր յանցագործութեան համար, որի վերաբերեալ Ազգային ժողովի որոշման նախագիծ կարող է ներկայացնել պատգամաւորների ընդհանուր թուի առնուազն մէկ երրորդը: Հանրապետութեան նախագահին պաշտօնանկ անելու մասին եզրակացութիւն ստանալու  համար Ազգային ժողովը պատգամաւորների ընդհանուր թուի ձայների մեծամասնութեամբ ընդունուած որոշմամբ դիմում է Գերագոյն դատարան: Վերջինիս եզրակացութեան հիման վրայ հանրապետութեան նախագահին պաշտօնանկ անելու մասին Ազգային ժողովի որոշումը կայացւում է պատգամաւորների ընդհանուր թուի ձայների առնուազն երկու երրորդով:

Հանրապետութեան նախագահի յետկանչման / իմպիչմենտ / վերաբերեալ նորմը նոյնպէս կար 2006 թ. խմբագրութեամբ սահմանադրութիւնում եւ այն  վերցուած է ՀՀ 1995 եւ 2005թթ. խմբագրութեամբ սահմանադրութիւններից: Քննարկուող նորմն այնպէս է կառուցուած, որ փաստօրէն անհնարին է դարձնում նախագահի պաշտօնանկութիւնը եւ նրան թողնում անպատժելի: Այսպէս, խորհրդային քրէական օրէնսդրութեամբ յանցագործութիւնները դասակարգւում էին երկու խմբի` ծանր եւ ոչ ծանր, որի հիմքում դրուած էր յանցագործութեան վտանգաւորութեան աստիճանը: Հէնց այս տրամաբանութեան վրայ է խարխսուած հանրապետութեան նախագահի պաշտօնանկութեան հիմքը` պետական դաւաճանութիւնը կամ ծանր յանցագործութիւն կատարելը: Միչդեռ  հանրապետութեան քրէական օրէնսգրքի 19-րդ յօդուածի համաձայն, ըստ բնոյթի եւ վտանգաւորութեան աստիճանի, յանցագործութիւններն դասակարգւում են` ոչ մեծ ծանրութեան, միջին ծանրութեան, ծանր եւ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւների: Պետական դաւաճանութիւնը համարւում է առանձնապէս ծանր յանցագործութիւն, սակայն անհասկանալի է, թէ Արցախի սահմանադիրներն ինչո՛ւ են այդ յանցակազմն առանձնացրել. Միթէ միւս առանձնապէս ծանր յանցագործութիւնների / իշխանութիւնը իւրացնելը, սահմանադրական կարգը տապալելը եւ այլն / կատարումը հիմք չե՞ն կարող հանդիսանալ հանրապետութեան նախագահին պաշտօնանկ անելու համար: Մեր կարծիքով, պաշտօնանկութեան մասին յօդուածում պէտք է ուղղակիօրէն նշուէր, որ նախագահը պաշտօնանկ է արւում  յանցագործութեան կատարման  մէջ մեղաւոր ճանաչուելու դէպքում: Այլապէս նախագահն իր պաշտօնավարման ընթացքում ոչ մեծ ծանրութեան եւ միջին ծանրութեան յանցագործութիւնների կատարման համար պաշտօնանկ արուել չի կարող: Քննարկուող յօդուածը խոցելի է նաեւ այն տեսանկիւնից,  թէ Ազգային ժողովի պատգամաւորների մէկ երրորդն ինչ նիւթերի հիման վրայ կարող է նախագահին պաշտօնանկ անելու մասին նախագիծ ներկայացնել, իսկ Ազգային ժողովը, իր հերթին, ինչպէս պէտք է որոշի եւ հիմնաւորի, որ հանրապետութեան նախագահը  պետական դաւաճանութիւն է կատարել: Չէ՞ որ  նմանատիպ հարցերը քննութեան առարկայ են դառնում եւ իրենց լուծումն ստանում դատաքննչական մարմինների կողմից:

Համեմատութեան համար նշենք, թէ մի քանի երկրներում նախագահի անձեռնմխելիութեան ինչպիսի՛ հաստատութիւններ են գործում: Ֆրանսայում պետութեան գլուխն  իր  կարգավիճակից բխող գործողութիւնների համար պատասխանատուութիւն չի կրում: Մնացած բոլոր արարքների համար նա պատասխանատուութիւնից չի ազատւում: Գերմանիայում, Իտալիայում, Ռումանիայում պատասխանատուութեան տարածուած հիմք է հանդիսանում երկրի հիմնական օրէնքը խախտելը: Միացեալ Նահանգներում պետական դաւաճանութեան թեքսթը տրուած է  երկրի սահմանադրութեամբ եւ փորձում եղել են դէպքեր, երբ ծերակոյտը նախագահի նկատմամբ անվստահութեան  հարց է յարուցել / Ռ. Նիքսըն /1974/,  Բ. Քլինթըն/1998/: Բաւական է յիշել, որ Նիքսընը մեղադրւում էր արդարադատութեան իրականացմանը խոչընդոտելու համար: Միացեալ Նահանգների, Ֆրանսայի, Գերմանիայի նախկին նախագահներն անձեռնմխելիութեան երաշխիքներից չեն օգտւում: Չիլին միակ երկիրն էր, որտեղ նախկին նախագահը Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած էր ցմահ անձեռնմխելիութեամբ: Սակայն դա չփրկեց Փինոշէին:

Որն է ելքը: Արցախի Սահմանադրութեան 92 եւ 97-րդ յօդուածները, որոնք իրենց անկատարելիութեան պատճառով անպատժելի են թողնում հանրապետութեան նախագահին, սահմանադրական առաջին փոփոխութիւնների դէպքում պէտք է իրաւական եւ ժողովրդավարական պետութեան յատկանիշներին  հարիր վերախմբագրել` տալով այդ  յօդուածներին   իմպերատիւ բնոյթ, դուրս թողնելով <կարող է> եզրոյթը, ինչն Ազգային  ժողովի համար յանցաւոր արարք կատարած  նախագահի պաշտօնանկութիւնը պարտադիր կը դառնայ: Յանցաւորութեան դէմ պայքարում կարեւոր է ոչ թէ պատժի խստութիւնը, այլեւ դրա անխուսափելիութիւնը: Իւրաքանչիւր իրաւախախտ պէտք է իմանայ` դատաստան կայ գալու, պատասխան կայ տալու:

Պատգամաւորի անձեռնմխելիութիւնն օրէնսդիր իշխանութեան անդամների յատուկ կարգավիճակ է, որը նրանց կարող է պարսպել, անջրպետել հետապնդումից, բայց յանցագործութիւն կատարելու դէպքում` չազատել պատասխանատուութիւնից: Պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւնն ամրագրուած է սահմանադրութեան 112-րդ յօդուածով, համաձայն որի, պատգամաւորն իր լիազօրութիւնների ժամկէտում եւ դրանից յետոյ  չի կարող հետապնդուել եւ պատասխանատուութեան ենթարկուել պատգամաւորական գործունէութեան շրջանակներում յայտնած կարծիքի կամ քուէարկութեան համար:

Ի տարբերութիւն հանրապետութեան նախագահի` պատգամաւորն օժտուած է յարաբերական անձեռմխելիութեամբ, քանի որ, խորհրդարանի համաձայանութեամբ, նրա նկատմամբ կարող է քրէական հետապնդում յարուցուել եւ ազատութիւնից զրկուել: Պատգամաւորին ազատութիւնից զրկելը խորհրդարանի համաձայնութիւնը չի պահանջւում, երբ նա բռնուել է յանցանք կատարելու պահին կամ անմիջապէս յետոյ:

Դատաւորի անձեռնմխելիութիւնը նոյնպէս որոշակի բացառութիւն է օրէնքի առջեւ բոլորի հաւասարութեան սկզբունքից եւ իր բովանդակութեամբ դուրս է գալիս անձնական անձեռնմխելիութեան շրջանակներից: Դա պայմանաւորուած է նրանով, որ հասարակութիւնը եւ պետութիւնը դատաւորի անձին  եւ մասնագիտական գործունէութեանը ներկայացնելով բարձր պահանջներ` պարտաւոր են լրացուցիչ երաշխիքներ ապահովել դատաւորին` պատշաճ արդարադատութիւն իրականացնելու համար: Դատաւորի անձեռնմխելիութիւնը դատաւորի պաշտօնը զբաղեցրած քաղաքացու համար առաւելութիւն չէ, այլ միջոց է  հանրային շահերի, եւ ամէնից առաջ արդարադատութեան շահերի պաշտպանութեան համար: Իր լիազօրութիւնների իրականացման կապակցութեամբ դատաւորի նկատմամբ քրէական հետապնդում կարող է յարուցուել միայն  Բարձրագոյն դատական խորհրդի / ԲԴԽ /  համաձայնութեամբ: Դատաւորն իր լիազօրութիւնների իրականացման կապակցութեամբ առանց ԲԴԽ-ի համաձայնութեան չի կարող զրկուել ազատութիւնից` բացառութեամբ այն դէպքի, երբ նա բռնուել է յանցանք կատարելու պահին կամ անմիջապէս դրանից յետոյ: Լիազօրութիւնների իրականացման կապակցութեամբ դատաւորի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու կամ նրան ազատութիւնից զրկելու վերաբերեալ համաձայնութիւն տալու հարցով ԲԴԽ է դիմում  հանրապետութեան գլխաւոր դատախազը:

Մարդու իրաւունքների պաշտպանի վրայ տարածւում է պատգամաւորի համար սահմանուած անձեռնմխելիութեան իրաւունքը: Մարդու իրաւունքների պաշտպանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու կամ նրան ազատութիւնից զրկելու վերաբերեալ համաձայնութիւն տալու հարցը Ազգային ժողովը լուծում է պատգամաւորների ընդհանուր թուի  ձայների առնուազն երեք երրորդով:

Յաւելենք, որ սահմանադրութեամբ յատուկ կարգավիճակ ունեցող պաշտօնատար անձանց անձեռնմխելիութիւնն ապահովւում է քրէական եւ վարչական օրէնսդրութեամբ:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար


Այցելութիւն Աւետեաց Երկիր

$
0
0

ԳԱՅԵԱՆԷ ՄՈՒՐԱԴԵԱՆ

Խմբում հաւաքուած ճանապարհորդները անհամբերութեամբ տեղաւորուելով մի քրոաւտոբուսում`  արագօրէն ծանօթանում եւ մտերմանում էին: Խմբին ուղեկցողը հազիւ էր հասցնում պատասխանել  միաժամանակեայ տեղացող հարցերի տարափին: Բոլորն ուզում էին հասկանալ ճանապարհային  քարտէսի առաջին քայլերը, արագ հասնել ԷՐԳԻՐ…

Անցնում էինք Արագածոտնի, Շիրակի մարզերի հայոց արեւից խանձուած խոտածածկոյթ հողի եւ  ամրապինդ ծառերի կողքով, ծանօթ բնապատկերները տիպիկ ամառային, հայկական ու հարազատ  էին:

Յաղթահարելով հայ-վրացական-թուրքական մաքսակէտերը` խաղաղուեցինք եւ պատրաստ պահած  նկարահանող սարքերը, մէկ աջմէկ ձախ էինք նայում` լսելով հայոց պատմական վայրերի  նախկին  եւ նոր տեղանունների բացատրութիւնները: Շատերը չէին լսում, լոկ դիտում ու մտքերի հետ էին,  ուզում էին կլանել, զգալ, դաջել տեսածը:

Տխրած ու լուռ էինք…

Անցնում էինք Արտահան նահանգով, որը ծովի մակերեւոյթից բարձր է 2000 մեթր, Չլդրան լճակի ափով, որին վանեցիները կոչում էին Հիւսիսային  ծովակ:  Տեղավայրը իր աշխարհագրական դիրքով նման էր Սիւնիքի ալպիական գօտուն: Մեզ ուղեկցում էին նոճուտի անտառները եւ բազմագոյն  ու բազմազան ծաղիկները: Ճարտարապետական ոճական կառոյցներ չկային, հանդիպած կառոյցները միանման ցածրայարկ, չկազաֆիքացուած բնակելի շէնքեր էին, որտեղ ապրում էին վերաբնակեցուած քրտերն ու թուրքերը: Տեսանելի էին շէնքերի տանիքներին կոկիկ  տեղադրուած արեւային ուժանիւթ կլանող սարքերը: Ժամեր շարունակ ընթանում էինք հայելապատ, յարմարաւէտ ճանապարհներով, որոնք  ապահովուած էին կատարեալ խնամուած ենթակառուցուածքներով: Ակնյայտ էր, որ բարւոք ճանապարհներ ունենալը պետութեան գլխաւոր ռազմավարութիւններից մէկն էր: Լաւ ճանապարհները լաւ, զարգացած տնտեսութիւն ունենալու գրաւական է:

Ճանապարհների ուղղութեամբ չկար մի դաշտ, բլուր կամ փոքր հողակտոր, որ անմշակ լինէր: Հասկանալի էր, որ տնտեսութեան զարգացած ճիւղ էր  հողագործութիւնը: Ճանապարհի ողջ տարածքով ձգւում էին հացահատիկային տարբեր ցանքերով հողատարածքներ, բանջարանոցային առատ դաշտեր  եւ ամենատարբեր պտղատու այգիներ: Ի դէպ, հսկայական քիլոմեթրերով ձգուող պտղատու այգիների մշակութիւնները պաշտպանուած էին բնական  աղէտներից մետաղական ցանցերով եւ ապահովուած էին ոռոգման համակարգով: Հողերի բերրիութեան շնորհիւ` երկիրը տարին երեք անգամ բերք է հաւաքում, համարեա ոչինչ չի ներմուծում, բացի` միայն կովի մսից: Սարերի, լեռների լանջերին կառուցուած ջրամբարները նախատեսուած էին ձեան  հալոցքից առաջացած ջրային պաշարների ամբարման համար: Լեռներից հնարաւոր քարաթափման վայրերում կառուցուած էին պատնէշներ, որոնք  ապահովում էին լիարժէք եւ անվտանգ երթեւեկութիւնը:

Կեդրոնական Անատոլիայում 100 տարի առաջ այս տեղանքը բնակեցուած էր մեծամասամբ հայերով, որոնք ուզում էին ազատ մարդ լինել, տէրը` իրենց  քրտինքի, ապրել պատուով եւ զարգանալ ազգային արժէքներով: Այսօր արդէն այս տարածքները թուրքական պետութիւնը վերաբնակեցրել է քրտերով,  թուրքերով եւ այլ ազգային պատկանելութիւն ունեցող խառնաշփոթով: Ընդհանրապէս թուրքական պետութիւնում բնակուող ցանկացած այլազգի  համարւում է թուրք եւ նրանք 80 միլիոն են:

Մօտենում ենք Կարսի նահանգին: Առաջին վայրը որտեղ կանգնեց մեքենան` Եղիշէ Չարենցի ենթադրեալ տունն էր: Պտտւում էինք հազիւ կանգուն  պատերի, աւերակների շրջակայքով եւ կարդում` վաճառւում է: Մտքներիս եւ շրթներիս չարենցեան տողերն էին …Մեզ բացատրեցին, որ տունը կը վաճառուի միայն թուրքական քաղաքացիութիւն ունեցողի: Մօտենում ենք Կարսի բերդին: Ասել թէ հոյակապ էր բերդը, նշանակում է ոչինչ չասել: Բերդը իր վեհութեամբ, անառիկութեամբ, սեւ քարէ պարսպով առանձնակի շքեղութիւն ու իմաստ էր տալիս քաղաքին. այն կարծես վերեւից հսկում էր  քաղաքի  անցուդարձը եւ իր մէջ էր պահում անցած գնացած վաղեմի յիշողութիւնները: Բերդից երեւում էր Սուրբ Առաքելոց չքնաղ վանքը, որը վերածուած  էր  մզկիթի:  Մօտեցանք: Հսկիչը նկատելով որ այլադաւան ենք, թոյլ չտուեց ներս մտնել: Աւելի ուշ թոյլատրեց մտնել վանք, բայց զգուշացրեց, որ նկարելը արգելւում է, եւ անհրաժեշտ է հանել կօշիկները: Օտարացուած, ցաւալի զգացումներուն էինք… Կարսում զգացինք Գիւմրու շունչը, տեսանք գերազանց պահպանուած սեւ շէնքեր, որոնց հայկական ճարտարապետական լուծումները ապահովում էին հայկականութեան ներկայութիւնը…

Սարիղամիշ տանող ճանապարհը անցնում էր մայրիների անտառների միջով եւ Արաքս գետի ափով: Արաքսի ողջ երկարութիւնը 1072 քմ է,  որից 200  քիլոմեթրն է հոսում Հայաստանով, մնացած մասը հոսում է Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Թուրքիայի տարածքով: Արաքսը պղտոր գետ է: Դէպի Բասէն, Տուրուբերան քաղաքների ուղղութեամբ ճանապարհի տեղատարափ անձրեւը տխուր մտքերից սթափեցրեց մեզ:  Ուժեղ անձրեւը ինչպէս անսպասելի սկսուել էր, այնպէս էլ անսպասելի կտրուեց, եւ ճանապարհը ողողուեց արեւի շողերով եւ արտակարգ թարմ օդով:

Խնուսի տարածքում ենք, տեսնում ենք Բասէն գետը, որը միանում է Մուրատ գետին: 8-րդ դարի Բասէնի կամուրջը կոչւում է նաեւ Հովուի կամուրջ: Այս  կամրջի հետ կապուած` ներկաներից մէկը հեծկլտալով պատմում էր, որ իրտատիկը 100 տարի առաջ անցել է այս կամրջով, ասում էր` շատէրն էին  նետւում կամրջից` չցանկանալով ընկնել թուրք ոճրագործների ձեռքը…

Ահա Արածանի գետն է, որի վրայ է կառուցուած Սուլուխի կամուրջը: Ճիշդ այդ գետի ջրերում են դաւադիր կերպով սպաննել Գէորգ Չաւուշին:  Նրա դին  զինակիցները փախցնելով թուրքի ձեռքից` գաղտնի թաղել են Մուշում, անյայտ մի վայրում, որպէսզի թուրքերը չգտնեն, չպղծեն:

Մթնշաղին հասանք Մուշ քաղաք: Մեզ ուղեկցող խմբավարը մեզ տարաւ Մուշի հայկական թաղամաս, ցոյց տուեց քաղաքի կեդրոնական մասում  Սուրբ  Մարինէ եկեղեցու աւերակները: Հարեւանութեամբ ապրողները մեր ձայները լսելով` դուրս եկան տնից. չատրաների տակից խօսում ու ցոյց էին  տալիս  մեզ: Յետոյ իմացանք, որ նրանք միակ ծպտուած հայերն են: Հայկական պահպանուած ոչ մի այլ բան չկար…

Գիշերեցինք Մուշում: Առաւօտեան ճանապարհը տանում է մեզ Պինկէօլ (Բիւրակն, Ա.), Սասնայ լեռներով, Տիգրիս գետի ափով գնում ենք Տիգրանակերտ:  Մեծ, զարգացած, գեղեցիկ քաղաք էր Տիգրանակերտը: Այս քաղաքում է գտնւում Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին: Եդեսիա, Ուրֆա, անցնում ենք Այնթապ  քաղաքի կողքով: Ի հարկէ այս քաղաքների տեղանունները փոխուած էին եւ խմբավարը ուղղակի նշում էր մեզ հանդիպած վայրերի հին` հայկական  անունները: Չենք կանգնում. ոչ մի հայկական հետք: Տաւրոսեան լեռների երկար փապուղին Մեծ Հայքը կիսում է Կիլիկիայից: Ահա Ատանան, Արեւմտեան  Հայաստանի (Կիլիկիոյ, Ա.) ամենահարուստ քաղաքը, եւ հէնց այդ հարստութեանը տիրանալու համար էր, որ թուրքերը ծրագրուած կերպով Հայոց ցեղասպանութիւնը սկսեցին Ատանայից… Այսօր այն բնակեցուած է թուրքերով եւ ունի մօտ 3 միլիոն բնակչութիւն:

Մեկնում ենք Կիլիկիա, Միջերկրական ծովի ափ: Տեսնելու էինք հայերի հնագոյն, գրեթէ առասպելական երազանքը, հեքիաթը …

Անընդհատ մտածում էի` աջի՞ց եմ տեսնելու ծովը թէ՞ ձախից…

Կիլիկիան բաժանւում է 3 մասի` դաշտային, լեռնային, ցամաքային: Լեւոն Բ.ի օրօք Կիլիկեան Հայաստանը, Սիս մայրաքաղաքով ծաղկունք էր ապրում,  բուռն կերպով զարգանում էին առեւտուրը, արհեստները: Հայերը տարածաշրջանում աչքի էին ընկնում իրենց զարգացուածութեամբ, հարստութեամբ,  ապրելակերպով, ընկերային դիրքով եւ կազմակերպուածութեամբ: Պատմութիւնը շատ քիչ տեղեկութիւն է մեզ փոխանցում Կիլիկեան Հայաստանի  ժամանակներից, միայն այն, որ Կիլիկեան Հայաստանը կործանուեց կրօնական պառակտումների պատճառով:

Յետմիջօրէին արդէն Կոռիկոսի ծովափին էինք: Ջուրը հրաշք էր, մեղմ ալիքներն ու տաք ջուրը աւելացնում էին վայելքը: Ափը լի էր ամբողջ մարմինը փակ լողազգեստով մուսուլմանուհիներով, ում ներկայութիւնը յետոյ տանելի էր եւ հասկանալի: Վաղ առաւօտեան ժամը 4-5 հատուածում ծովի  ծփանքի ձայնը խլացնում էր ազանի ձայնը, որը կրկնուելով 4 ժամը մէկ` աղօթքի էր կանչում հաւատացեալներին: Ցերեկուայ ժամերին ափով մէկ  ձգուած սրճարաններից հնչող բարձր, կշռութաւոր երաժշտութիւնը անլսելի էր դարձնում աղօթքի կանչող ձայնը: Այդպէս էլ չտեսանք աղօթողների:

Ծովում լողալիս հեռահար շփւում, ձուլւում էինք Կիլիկիայի ծովային հրաշք բերդին` ակնթարթը պահելով իր տեղում… Բերդը ափից գտնւում էր 800  մեթր հեռաւորութեան վրայ, լաւ լողորդները հեշտութեամբ են յաղթահարում հեռաւորութիւնը, որը նրանց պարծենալու առիթ էր տալիս յատկապէս լողալ  չիմացողների մօտ:  Լողալ չիմացողներին աւելի մատչելի էր Կիլիկիայի ցամաքային բերդը, որը, ի տարբերութիւն ծովային բերդի, աւելի անխնամ ու աւերուած էր: Ռազմավարական տեսակէտից անթերի էր կառուցուած ծովային բերդը: Բերդի անառիկութիւնն ապահովւում էին արեւմուտքից եւ  արեւելքից կառուցուած դիտակէտերը: Սկզբում կառուցուել է ցամաքը ծովային բերդին միացնող քարէ պատ, որը հնարաւոր է քայլելով ափից հասնել  բերդ, սակայն հետագայում, անվտանգութիւնից ելնելով, այն քանդել են: Ծովային բերդը կառուցել են յոյները, նրանցից գրաւել են հռոմէացիները,  մեմլուքները, նրանցից` հայերը, այժմ թուրքերինն է:

Մեկնում ենք Մերսին  եւ Տարսոն նաւահանգստային քաղաքներ: Քաղաքները եւրոպական տեսքի մէջ էին եւ ընդհանրապէս փողոցներում քիչ  հանդիպեցինք չատրայով կանանց: Տարսոն քաղաքը յայտնի է հռոմէական կամարով, որտեղ առաջին անգամ հանդիպել են Կղէոպատրան եւ  Անտոնիոսը: Այս քաղաքում է ծնուել Յիսուս Քրիստոսի աշակերտ Պօղոս առաքեալը եւ իր անուան մզկիթի վերածուած եկեղեցում է օծուել Լեւոն արքան:  Պահպանուած էր Պօղոս առաքեալի տունը, բակում կար սառնորակ եւ առողջաբեր ջրհոր, որից ջուր խմեցինք եւ էլ աւելի առողջացանք նաեւ մենք:  Կիլիկիայի Սիս մայրաքաղաքում հայկական հետք չի պահպանուել: Լեւոնի բերդը հզօր, անառիկ պարիսպներով, անյաղթահարելի եւ անկրկնելի գեղեցիկ տեսք ունէր: Հաստ պատերն ու մագլցելու անհնարինութիւնը ապահովել է բերդի անվտանգութիւնը: Խմբից անվախ, տոկուն ու դիմացկուն  տղաները դժուարութեամբ, սակայն յաղթահարեցին անառիկ բերդի բարդութիւններն ու վայելեցին բերդի բարձունքի համայնապատկերը:  Լեւոնի  բերդը  14-րդ դարից յետոյ անցնում է Եգիպտոսի սուլթանութեանը, այժմ պատկանում է թուրքական պետութեանը:

Կապադովկիա: Այն շատ հին քաղաք է, այստեղով է անցել Ալեքսանդր Մակեդոնացին, քաղաքի անուանը կարելի է հանդիպել նաեւ Աստուածաշնչում:  Կապադովկիայի սրածայր սնկաձեւ ժայռերը առաջացել են տարիներ շարունակ այս կողմերում ուժեղ քամիների, հողմերի ու անձրեւների պատճառով:  Քաղաքում կան երկու հազար տարուան ստորգետնեայ քաղաքներ, գետնափոր ու ստորգետնեայ եկեղեցիներ: Ստորգետնեայ եկեղեցիներում են գաղտնի  հաւաքուել ու քրիստոնէութիւն քարոզել կոյսերը: Հետագայում նրանք բաժանուելով` աշխարհի չորս կողմերով հետապնդուել, նահատակուել եւ  սրբացել  են: Այս վայրում է Գրիգոր Լուսաւորիչը սովորել քրիստոնէութիւն քարոզել:

Կեսարիան հարուստ է բազմաթիւ օգտակար հանածոներով եւ ունի զարգացած ծանր արդիւնաբերութիւն: Կեսարիայում է ծնուել ազգութեամբ պարթեւ  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը,ով հետագայում մեկնում է Կապադովկիա` ուսումնասիրելու քրիստոնէութիւնը: Հետագայում Գրիգոր Լուսաւորիչն է հայերին  մկրտում Արածանի գետում: Կեսարիայի միակ հայկական` Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին խնամում էր Կարապետ Ստեփանեանի երեք հոգանոց ընտանիքը: Եկեղեցին գործում, այսինքն պատարագ է մատուցւում հազուադէպ, միայն երբ Պոլսի պատրիարքարանից քահանայ են ուղարկում: Նրանք հայերէն չէին խօսում, բայց հասկանում էին մեզ: Կարապետը շատ յուզուած էր եւ հազիւ էր զսպում արցունքները: Ես ինձ հետ խունկ էի վերցրել`  նպատակ ունենալով հայկական որեւէ եկեղեցում վառել: Երբ հարցրեցի` կարո՞ղ ենք խնկարկել ասաց, որ բուրվառ ունի, բայց ածուխ չկայ: Մէկ վայրկեան անց վանքի տարածքից հաւաքուեց մեծ քանակութեամբ փայտ, վառեցինք եւ խնկարկեցինք եկեղեցին, աղօթեցինք Կարապետի հետ միասին: Նա վաղուց  սպասում էր նման մի առիթի…

Ճանապարհը շարունակում ենք դէպի Սեբաստիա` Սըվազը, որը գտնւում էր ծովի մակերեւոյթից 2190 մեթր բարձրութեան վրայ: Ամասիայից Երզնկա աջակողմեան ուղղութեամբ` Տէրսիմի լեռների երկայնքով հոսում էր Եփրատը: 1960 թուականի երկրաշարժը ամբողջութեամբ աւերել էր Երզնկան: Սակայն տեսանք լիովին վերականգնուած եւ բոլորովին նոր քաղաք` օդային կամուրջներով: Հասնում ենք Երզնկայի եռայարկ Գիրլեւիքի ջրվէժներին: Անզուգական գեղեցկութիւն էր, առատ ջրային զանգուածն անասելի հզօրութեամբ թափւում էր ներքեւ…  Հասնում ենք                  Սանասարեան վարժարան, որը հիմնուել է 1881 թուականին: Այստեղ երեխաները սովորել են գրաբար, տաճկերէն, աշխարհագրութիւն, օտար լեզուներ,   տրամաբանութիւն եւ այլ առարկաներ: 1915 թուականին ուսուցիչների մեծ մասը նահատակուել է, իսկ վարժարանը` աւերուել: Այս շէնքը միակն է,  որ պահպանուել էր հայերի հեռանալուց յետոյ:

Մեզ համար Արեւմտեան Հայաստանը եղել է եւ կայ երազանքի, անկրկնելի գեղեցիկ հովիտներով եւ վեհ լեռներով երկիր:

Դժուար էր համակերպուել կորցրածի հետ:

19 օգոստոս 2018 թուական

 

Ջրվէժ

 

Լեւնի բերդ

 

Կարսի Ս. Առաքելոց եկեղեցին

 

Յետյեղափոխութեան Երկրորդ Փուլի Ազդանշաններով…

$
0
0

ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ա) Նախաբան

Հայկական թաւշեայ յեղափոխութիւնը` իր ժողովրդական-քաղաքացիական մաքրամաքուր առաջադրանքներով եւ ազգային վառ երազանքներով, լիարժէք արդիւնաւորման ու յաղթանակի համար, քաղաքակիրթ հիմնարկաւորման ուղի մը կ՛ենթադրէ:

Հիմնարկաւորման այս ուղին` ժողովրդական ակնկալիքներու եւ ազգային-պետական շահերու ներդաշնակ հաշուառման ունակութեան մը նաեւ կը կարօտի:

Ուղի մը, որ երկիրի ժողովրդավարութեան, սահմանադրականութեան եւ ազգային-պետական անվտանգութեան կամրջման զգայուն մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ:

Վերոնշեալ եռեակի կամրջման առաջին շրջափուլը աւարտեցինք կոշտ առճակատման բացառումով եւ սահմանադրութեան շրջագիծով կատարուած իշխանափոխութեամբ, ինչպէս նաեւ` աշխարհաքաղաքական հայկական այն դիրքաւորումի պահպանմամբ, որ արցախեան հիմնահարցի հայկական կողմի կարմիր սահմանագծումները անխախտ կը պահէ: Այս բոլորին միաժամանակեայ իրագործումն էր, որ միջազգային առումով հայկական թաւշեայ յեղափոխութեան եզակիութիւնը բնորոշեց: Սակայն կամրջման այս գործընթացը չխորացուցած եւ չամրապնդած` նոր սկիզբի առաքելութիւնը կրնայ վիժիլ եւ իր ուղին կորսնցնել: Թաւշեայ յեղափոխութեան առաջադրանքներն ու փայփայած երազանքը անհրաժեշտ նախադրեալները պարզած են ուժերու համախմբման եւ պետականաշինութեան համազգային զօրաշարժ մը յարաճուն պահելու:

Գործնապէս, նոր սկիզբի հիմնարկաւորման կոչուած ազգային համաձայնական կառավարութիւնը պէտք չէ վերածուի սոսկական անցումային կառավարութեան մը: Նոր սկիզբի հիմնարկէքը ազգային համաձայնութեան ենթահողի վրայ կատարելը այլընտրանք չունի, եթէ բոլորը կառչած են թաւշեայ յեղափոխութեան լիարժէք արդիւնաւորման եւ կուտակուած յոյսն ու ուժը չվատնելու: Յեղափոխութիւնը հրապարակներէն պետականաշինութեան գործին ներդնելու եւ պետական մտածողութեան ու անոր հիմնարկներուն աւիշին վերածելու մարտահրաւէրը տակաւին չէ շրջանցուած:

Այդ մարտահրաւէրի յաղթահարման նախապայմանը կը մնայ, ազգային համաձայնութեան ենթահողի վրայ, ժողովրդավարութեան արմատաւորման, երկրի սահմանադրութեան վաւերականութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ ազգային-պետական անվտանգութեան դրոյթներու պահպանումի փոխլրացման եւ շաղկապման հոլովոյթը:

Ազգային համաձայնական կառավարութեան եռամսեակի եզրափակումը առիթ մըն է այս հարթութեանց վրայ արծարծելու յառաջիկայ փուլին հետ առնչուող առաջադրանքներ, ձգտումներ եւ ակնկալութիւններ, ինչպէս նաեւ` իրադրութեանց համապատասխան հարցադրումներ, վերապահումներ ու մտահոգութիւններ փոխանցելու: Այս բոլորին առարկայական հաշուեկշիռը կատարելու հարկադրանքին առջեւ են բոլորը: Սոյն յօդուածը վերոնշեալ հաշուեկշիռի ներկայացման փորձ մըն է:

Բ) Տարբեր զգեստաւորումով` քաղաքական մենաշնորհի նոր ուրուականը

Անկախ քաղաքագիտական տեսութիւններէ` հայրենի ներքաղաքական կեանքի փորձառութիւնները փաստարկեցին, որ քաղաքական դաշտի մենաշնորհը մեքենական կերպով կ՛առաջնորդէ տնտեսական մենաշնորհի կազմաւորման` ընկերային բեւեռացման ծանր հետեւանքներով: Քաղաքական մենաշնորհներու փոփոխութիւնը պարզապէս գունափոխեց տնտեսական մենաշնորհները եւ զանոնք սերտաճած պահեց քաղաքական համակարգին:

Ահաւասիկ անիւը նոյն ուղղութեամբ դառնալու թակարդին մէջ կ՛իյնայ…

Յետյեղափոխութեան համաձայնական կառավարութեան հարիւր օրուան ամփոփումի թեմայով հանրահաւաքի կազմակերպման եւ ներկայացման ձեւաչափը խորթ ու վանողական պահուածք մը կը դրսեւորէր համաձայնական կառավարութեան մասնակից ուժերու նկատմամբ: Վարչապետի կուսակցութեան` Քաղաքացիական պայմանագիրի առաջնորդութեամբ, խնամքով անտեսուած էին կառավարութեան մասնակից բոլոր միւս ուժերը (Հանրապետութիւն, Լուսաւոր Հայաստան, Բարգաւաճ Հայաստան, ՀՅԴ) իրենց պաշտօնական ղեկավարութեամբ կամ նոյնիսկ` նախարարներով: Աւելի՛ն. Քաղաքացիական պայմանագիրի պաշտoնական բանբերը ակնարկելով ՕԵԿ-ի եւ Բարգաւաճի հանրահաւաքին մասնակցելու կոչերուն` բացայայտ կերպով կը յայտնէր, որ իրենք կարիքը չունին ուրիշ կուսակցական միաւորներու նեցուկին, այլ կ՛ապաւինին միայն քաղաքացիներու զօրակցութեան:

Հանրահաւաքը միակուսակցականացնելու այս պահուածքը ազդարարեց արդէն, որ հանրահաւաքի կազմակերպումը կը նպատակադրէ վարչապետի վարկանիշի գործիքով` սեփական կուսակցութեան քարոզչութեան եւ օգտուիլ քաղաքական դաշտը միաբեւեռ դարձնելու պատեհ առիթէն: Այս դիտանկիւնով, հանրահաւաքի ընտրուած խորագիրը վերոնշեալ նպատակադրումին համար օգտագործուած գլխարկ մըն էր պարզապէ՛ս, ինչ որ պարկեշտ վերաբերում չէ գոնէ կառավարութեան մասնակից ուժերուն հանդէպ: Հանրահաւաքի կազմակերպման ու ներկայացման միակուսակցականացուած եղանակը, ինչպէս նաեւ վարչապետի որոշ ուղերձներու եւ առաջադրանքներու բովանդակութիւնը ոչ միայն համահունչ չէին բեմահարթակէն բարձրաձայնուած ազգային միասնութեան լոզունգներուն, այլեւ անոնց անկեղծութիւնը փորձաքարի կ՛ենթարկէին:

Տգեղ երեւոյթ է նաեւ, երբ կառավարութեան հարիւր օրուան ամփոփման թեմայի տակ վարչապետին կողմէ ծանուցուի իր ղեկավարած կուսակցութեան Երեւանի քաղաքապետի թեկնածուն: ՀՀ վարչապետը անկողմնակալ վերաբերում պէտք էր ցուցաբերէր բոլոր թեկնածուներուն նկատմամբ, երբ կը ներկայանայ իբրեւ այդպիսին, բայց մանաւա՛նդ, երբ ազգային համաձայնութեան պատմուճանը կրող վարչապետ է:

Հանրահաւաքը ուժերու համախմբման ծառայեցնելու եւ այդ համախմբումով յեղափոխութեան առաջադրանքներու ուղղութեամբ թափ հաւաքելու փոխարէն` սկիզբէն իսկ վիժեցաւ եւ նոր բաժանարար գիծերու առիթ ստեղծեց:

Յեղափոխութեան առաջադրանքներու շուրջ գէթ կառավարութեան մասնակից ուժերու ներգրաւման եւ համախմբման վարքագիծը առաւե՛լ կը նպաստէ յարաճուն ժողովրդական յենարանի կազմաւորման, քան` այդ առաջադրանքներու միակուսակցականացնելու եւ մենաշնորհելու գործընթացը: Քաղաքացիական պայմանագիրը պէտք չէր ներքաշուեր յեղափոխութեան եւ մանաւանդ անոր յաջորդող փուլի սեփականացման գայթակղութեան, եթէ անկեղծ եւ հաւատարիմ ազնուութիւնը ունի յեղափոխութեան յաղթանակը իսկապէս նուիրաբերելու ժողովուրդին: Ճիշդ է, որ Քաղաքացիական պայմանագիրը յեղափոխութեան նախաձեռնութիւնը առաւ, եւ վարչապետը անոր հեղինակաւոր առաջնորդութիւնը կատարեց, բայց պէտք չէ շրջանցուին քաղաքական այն ուժերը (Ելքի միւս բաղադրիչները` Լուսաւոր Հայաստանն ու Հանրապետութիւնը, ՀՅԴ-ն եւ Բարգաւաճ Հայաստանը), որոնք նպաստեցին յեղափոխութեան սահմանադրական ելակէտի անհրաժեշտ ապահովման:

Այլ քաղաքական ուժերու մասնակցային տարբեր ձեւաչափերու լուսանցքայնացման ու չէզոքացման միտող այս պահուածքն ու վարուելակերպը քաղաքական վատառողջ մշակոյթի մը ցուցանիշներն են: Տաւուշի մարզ այցելութեան ընթացքին վարչապետին կողմէ քաղաքական գործընկերութեան գաղափարի նկատմամբ անհանդուրժող եւ ենթակայական մեկնաբանութեամբ կեցուածքը շեշտուած նախանշան մը կը փոխանցէր այս գծով:

Ասկէ կարելի է ենթադրել աւելին. արդարեւ, համաձայնական կառավարութեան մասնակից ուժերու միջեւ քաղաքական յուշագիրի կազմութենէն խուսափումը պէտք էր փնտռուած ըլլար այս պահուածքին մէջ, որ իբրեւ գլխաւորող ուժ` ձգտեցաւ շրջանցել պայմանական յանձնառութեան տակ դրուելու կացութիւն մը, մասնակցային կարելի լծակները բացառելու միտումով:

Իսկ ազգային համաձայնութեան վարչապետին առջեւ քշած եզրը, ընդհանրապէս, թերի ու խոցելի կը մնայ: Ազգային համաձայնութեան յղացքը հեղինակային իրաւունք չի՛ կրնար ունենալ. անիկա լա՜յն ընդգրկումով` «խմբագրակազմ» կ՛ենթադրէ, թէկուզ` «խմբագրապետի» առկայութեամբ:

Այսպէ՛ս, համաձայնական կառավարութեան մասնակից ուժերը, որոնք յատուկ ներդրում ունեցան ժողովրդային ֆորսմաժորային իրավիճակին սահմանադրական ելք ապահովելուն, այսօր, յետադարձ հայեացքով, հաւաքաբար «փողոցը» օրինականացնող, բայց այլեւս անպէտք ցուցափեղկի մը կամ նոյն «փողոցը» սահմանադրական հիմնարկ տեղափոխած անգործածելի բեռնակառքի մը տեղ կը դրուին:

Առաւե՛լ վտանգաւորը այն է, որ քաղաքական դաշտի մէջ քաղաքական ուժերու մասնակցային ձեւաչափերը շրջանցելէ անդին, ինքնավստահ համարձակութեամբ, կ՛որդեգրուի ընդհանրապէս խորհրդարանը ժողովրդային հանրահաւաքներով փոխարինելու նախաձեռնութիւն. այն ալ` հին Աթէնքի նախնական ժողովրդավարութեան բնորդով:

Այս նախաձեռնութիւնը ո՛չ թէ միջազգային քաղաքագիտութեան եւ պատմագիտութեան, այլ ամբոխավարութեա՛ն master class է: Ամբոխավարական նման մեքանիզմի մը ներդրումը ո՛չ միայն կը միտի բազմակուսակցական դրութեան եւ կուսակցութիւններու չէզոքացման, այլ քաղաքական մշակոյթի սնանկացումով` անոր ու առհասարակ քաղաքական դաշտի անէացման…

Թերեւս վերանկախացած մեր պետութեան պետական համակարգի փտածութիւնը իր դաժան կերպարներով ու բիրտ բնոյթով միջազգային քաղաքագիտութեան մէջ master class էր ու է, որ կ՛ենթադրէ համարժէք լուծումներ, ԲԱՅՑ` ո՛չ յունական պուզուքիայի հին ռիթմերով եւ ո՛չ ալ պոլշեւիկեան յեղկոմի կամ լեւոնեան շտապի ներշնչումներով: Փտախտաւորուած համակարգի ու կենսակերպի երեւոյթներուն լուծման հայկական եղանակը ա՛յլ է: Զուտ հայկակա՛նն է, որ master class կրնայ ըլլալ, այնպէս` ինչպէս հայոց պատմութեան կարգ մը անկիւնադարձային դրուագներ, վերջին հարիւրամեակի կտրուածքով` Սարդարապատէն արցախեան ազատամարտ եւ մինչեւ (այո՛) թաւշեայ յեղափոխութիւն:

Գ) Կառավարման համակարգին ուղղուած հարցադրումներ

Վերը անդրադարձանք քաղաքական դաշտը միակուսակցականացնելու, ամբոխավարութեան ներարկումով առճակատման` սեւ-սպիտակի բաժանարար սահմանագծումով կաղապարելու եւ տարբեր բնոյթի այլակարծութեանց առիթները չէզոքացնելու կազմաւորուող միտումներու մասին:

Այս ամբողջը բոլորովին այլ հարթութիւն կը տեղափոխուի, երբ ուղղակի յղում կը կատարուի կառավարման ձեւի փոփոխութեան:

Եթէ այս յղումները եւ անոր համարժէք միջոցառումները` մինչեւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան փուլ, յեղափոխութեան առաջադրանքները առջեւ մղելու գործիքներ են եւ կը նպատակադրեն միայն յետընթացի գործողութիւններ եւ դաւադրութիւններ կանխել, թերեւս արդարացուած են ժամանակաւորապէ՛ս: Ի վերջոյ, ժողովրդավարական պայքարի ձեւ է` ժողովրդական հրապարակով ճնշումի տակ պահել ժողովուրդէն խորթացած խորհրդարան մը:

Նոյնն է պարագան հանրաքուէներու կազմակերպման եւ ներկայացման աքթիւութեան` իբրեւ խորհրդարանէն վերադասուած համակարգ` նո՛յն խորհրդարանը ճնշման տակ պահո՛ղ: Ի դէպ, գործող սահմանադրութիւնը այս վերջինին հնարաւորութիւնը կ՛ընձեռէ երկու հարիւր հազար ժողովրդային ստորագրահաւաքի մը միջոցով, անշո՛ւշտ` սահմանադրական համապատասխան ընթացակարգով մը, որ դարձեալ նոյն խորհրդարանին կարիքը ունի:

Ժողովրդական հրապարակով քաղաքական պայքարի այս մարտավարութիւնը թերեւս ամենայարմար զսպաշապիկն է յեղափոխութեան անհնազանդութեան նշաններ ցոյց տուող խորհրդարանին: Ի միջի այլոց, 2005-ի Լիբանանի «Մայրիներու յեղափոխութեան» ժողովրդական հրապարակի մարտավարութիւնը, երկարաշունչ պայքարի իբրեւ միջոց, մաշեցաւ, երբ խորհրդարանական մեծամասնութեան ուժերը քանի մը ամիս ետք սկսան բանեցնել այս անգամ իրենց կազմաւորած ժողովրդական հրապարակը` թուային ու քարոզչաքաղաքական համարժէք տարողութեամբ: Այսինքն պէտք չէ բացառել նաեւ ժողովրդական հրապարակի դէմ այլ ժողովրդական հրապարակի շարժման բեմագրութիւնը, որ կոշտ առճակատման վերադարձի բաղադրիչներ կրնայ կուտակել:

Մէկ խօսքով, ժողովրդական հրապարակի մշտանորոգ բանեցումը իբրեւ խորհրդարանը քաղաքականօրէն հակակշռելու մեքանիզմ` կրնայ արդարացուած ըլլալ որոշ փուլի մը համար:

Սակայն ժողովրդական հրապարակի հիմնարկաւորումը իբրեւ խորհրդարանը փոխարինող կառոյց` անընդունելի է եւ յղի է երկրի օրինականութեան վարկանիշի եւ սահմանադրականութեան գերակայութեան խնդրահարումներով` ո՛չ միայն ներքնապէս, այլեւ` միջազգայնօրէ՛ն: Պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստանի պետութիւնը նաեւ իրաւական պետութիւն է, եւ հանրութիւնը իր իշխանութիւնը կը ձեւաւորէ իրաւական մեքանիզմով: Ուղիղ ժողովրդավարութեան նման կառուցակարգի մը ներդրումը` զուիցերիական քանթոններու ժողովրդական կենսակերպի առնչութիւններով, նաեւ անյարիր է պատերազմական անմիջական վտանգի տակ գտնուող մեր հանրապետութեան:

Եթէ ուղիղ ժողովրդավարութեան հիմնաւորուած համոզումն ու խանդավառութիւնը առկայ են, կարելի է խորհրդարանական վարչաձեւի իբրեւ լրացուցիչ հակակշռի մաս` ուղղակի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած եւ հանրաքուէներու կազմակերպման լիազօրութիւններով օժտուած նախագահական հիմնարկի մը հաստատումը այլընտրանք ընդունիլ: Անմիջապէս աւելցնեմ, որ նման այլընտրանքի մը առաջադրումը պետութիւնը երկգլխանի կացութեան մը մղելու չի միտիր, ոչ ալ` կիսանախագահական վարչաձեւի, այլ պարզապէ՛ս հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ ժողովրդային դրդումով, պարբերաբար, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ստուգել` հանրաքուէներու կազմակերպման ընդմէջէն, ուղղակի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած եւ ժողովրդավարական կեանքի երաշխաւորութեան լիազօրութիւնները կրող նախագահական հիմնարկի միջնորդութեամբ:

Ասկէ անկախ ալ, անցնող իրադարձութիւնները ապացուցեցին, որ super վարչապետի հիմնարկը պէտք է վերանայուի, եւ որոշ լիազօրութիւններ պէտք է վերաբաշխուին նախագահին եւ խորհրդարանին` խուսափելու համար անել կացութեանց լուծումը մէկ հիմնարկով սահմանափակելէ: Այս գծով վարչապետ Փաշինեանը իր յանձնառութեան տէրը պէտք է ըլլայ:

Գալով կառավարութեան կազմը եւ պետական զանազան գերատեսչութիւնները կրճատելու եւ համարկելու անհրաժեշտութեան` անիկա պետական գործունէութեան արդիւնաւէտութեան հաշուարկներու հիմամբ պէտք է կառուցուի եւ սոսկ տնտեսավարման կրճատումներու նեղ թելադրանքով չառաջնորդուի:

Տակաւին, սփիւռքի նախարարին կողմէ երկպալատ խորհրդարանի ստեղծման միջոցով սփիւռքի հայրենական կեանքի մասնակցութեան առաջադրանքը պէտք է մարմնաւորուի համապատասխան քննարկումներուն սփիւռքի ի՛սկ մասնակցութեամբ: Ողջունելի այս առաջադրանքը պէտք է ներառէ նաեւ այլ տարբերակներու քննարկումներ:

Որպէսզի երկպալատ խորհրդարանի մը մէկ պալատը, սփիւռքի մասնակցութեամբ հանդերձ, անպտուղ ծերակոյտի մը կերպարանքը չստանայ, կարելի է քննարկել ազգային խորհուրդի գոնէ 15%-ը սփիւռքահայութեան երեսփոխաններով գոյացնելու տարբերակը, որ իրական մասնակցութեան դուռ կը բանայ: Հայաստանակեդրոն եւ մէկ հայութեան առաջադրանքը հայրենական քաղաքական կեանքի սփիւռքի իրակա՛ն մասնակցութեան ձեւաչափի մը որդեգրմամբ միայն կրնայ մարմին ստանալ:

18-28 օգոստոս 2018
«Դրօշակ»

(Շար. 1)

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պոլսոյ «Շաբաթօրեայ Մայրեր»-ու Ոդիսականը

$
0
0

«Մահացածները չեն կրնար աղաղակել արդարութեան համար: Ապրողներու պարտականութիւնն է ատիկա ընել` անոնց համար»

                                                                                                                                                  Լոյս ՄըքՄասթըր-Պիւժօ
(ամերիկացի վիպագիր)

Զգացական բնոյթ ունեցող եւ յուզում յառաջացնող «Մայրերու օր» չէ, որ կը տօնուի ամէն շաբաթ Պոլսոյ Կալաթասարայի բանուկ հրապարակին վրայ… 27 մայիս 1995-էն ի վեր:

Ընդհակառակը, մայրեր կը հաւաքուին իրենց անհետացած, առեւանգուած, չարչարուած եւ սպաննուած զաւակներու յիշատակը նշելու նպատակով: Շաբաթական դրութեամբ կը ներկայացուին անհետացած երիտասարդներու ոդիսականները` առանց յաւելեալ մթնոլորտ ստեղծելու: «Մենք տարիներէ ի վեր միայն մէկ բան կը պահանջենք, որ` մեր հարազատները սպաննողները յայտնաբերուին եւ իրենց գործած յանցանքին համապատասխան պատիժին արժանանան», կը յայտնեն այս դժբախտ ու վրիժառու մայրերը:

Այս հաւաքները միջազգային եւ յատկապէս աշխարհայնացած փափուկ սեռի իրաւունքներուն, կամ նոյնիսկ միասեռականներու ի նպաստ կատարուած` յար եւ նման են Պուէնոս Այրէսի մէջ ցայսօր հաւաքներ կազմակերպող այն դժբախտ մայրերուն, որոնք իրենց զաւակներն ու հարազատները կորսնցուցած են 1976-1983 թուականներուն` զինուորական խունթայի կատարած առեւանգումներուն եւ սպանութիւններուն իբրեւ հետեւանք:

Յատկապէս ներկայ բռնատէր Էրտողանի օրերուն այս հաւաքները շատ աւելի քաղաքական բնոյթ կը ստանան, մանաւանդ որ մասնակցողները այլախոհներու մայրերն ու հարազատներն են:

Շաբաթ, օգոստոս 25-ին կատարուած ցոյցը, որ եօթը հարիւրերորդն էր, սովորականին նման չընթացաւ: Այդ օր ոստիկանութեան թելադրուած էր չթոյլատրել եւ ամէն գնով արգելք հանդիսանալ որեւէ հաւաքի: Տասնեակներով ձերբակալութիւններ կատարուեցան` ներքին գործոց նախարարութեան եւ անոր հլու կամակատար ներքին ապահովութեան ուժերուն հսկողութեամբ:

Քիչ մնաց, որ այս անակնկալ ընդհարումներուն ընթացքին ձերբակալուէր նաեւ Հրանդ Տինքի զաւակ Առատն ու քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան երեսփոխաններ, որոնց կարգին` Պոլսոյ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը, նաեւ` Հուտա Քայան,  Սերփիլ Քեմալպայը  եւ Ահմետ Շըքը:

Ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սէօղլու, որ ըստ երեւոյթին մարդկային իրաւունքներու մասին ապատեղեակ է, ամենայն ինքնավստահութեամբ շեշտած է, որ ինք անձամբ հրահանգած է ներքին ապահովութեան ուժերուն, որպէսզի միջամտեն, նկատի ունենալով, որ այսպիսի չարաշահում կարելի չէր աւելի երկար հանդուրժել եւ ձեռնածալ մնալ:

Անգարայի մէջ գործող Մարդկային իրաւունքներու հիմնարկը պաշտօնապէս կը հաստատէ, որ 1992-1996 թուականներուն աւելի քան ութ հարիւր անհետացման պարագաներ արձանագրուած են, իսկ 1980-ականներուն, զինուորական իշխանութիւններու օրերուն ալ, յատկապէս քիւրտերու դէմ կատարուած են` հալածանքներ, ձերբակալութիւններ եւ անյայտացումներ:

Ըստ երեւոյթին, ոդիսականի վերածուած է «Շաբաթօրեայ մայրեր»-ու այս հաւաքը:

Պատգամ Լիբանանի Հայութեան Նորընտիր Առաջնորդի

$
0
0

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

«Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը» (Մր. 6.37)

Սիրելի՛ հաւատացեալներ,

Այս օրհնեալ պահուն, երբ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ բոլորս աղօթակից կը դառնանք, փառք կու տամ Աստուծոյ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան հոգեւոր եղբայրներուս մէջէն զիս յարմար նկատեց դառնալու Լիբանանի հայութեան նորընտիր առաջնորդը: Այս մէկը ցուցանիշ չէ իմ արժանաւորութեան, այլ` աստուածային տնօրինութեան, որուն ի պատասխան` Սողոմոն թագաւորին նման կը դիմեմ մեր Երկնաւոր Հօր եւ կ՛ըսեմ. «Ո՜վ Տէր, ես քու ծառադ եմ. իմ միտքս բաց, որպէսզի քու ժողովուրդդ կառավարեմ եւ բարին ու չարը զատորոշեմ» (Գ. Թգ. 3.9):

Որդիական երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոսին, որ սարկաւագական օրերէս մինչեւ այսօր իր հայրական խնամքով պարուրեց զիս եւ երէկ իր հայրական օրհնութեամբ վաւերացուց առաջնորդ ընտրութիւնս: Վստահ եմ, որ վեհափառ հայրապետը պիտի շարունակէ իր յորդորներով դիւրացնել ստանձնած նոր պատասխանատուութիւնս: Նորին սրբութեան կը խոստանամ անթիլիասական միաբանի ուղեգիծով եւ նոր եռանդով շարունակել ծառայութիւնս: Նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ արտօնեց ինծի վերջին երեք տարիներուն առաւելաբար Մոնրէալ մնալ եւ հօրս ու մօրս հոգատարութեամբ զբաղիլ:

Շնորհակալութեան խօսքս կ՛ուղղեմ հոգեւոր եղբօրս` Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանին, որ վերջին հինգ տարիներուն ձեռնհասօրէն վարեց Լիբանանի հայութեան առաջնորդի պաշտօնը: Մեր բոլորին կողմէ յաջողութիւն կը մաղթեմ իրեն` իր ստանձնելիք յաջորդ առաքելութիւններուն մէջ:

Շնորհակալութեան խօսք ունիմ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամներուն, որոնք իրենց քուէներով լիբանանահայութեան վստահութիւնը ցուցաբերեցին ինծի հանդէպ:

Սրտագինս կ՛ողջունեմ ի Քրիստոս հոգեկից եղբայրներս, Ազգային իշխանութեան եւ մեր ծուխերու բոլոր մարմինները, լիբանանահայութեան կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցները, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր դասն ու հաւատացեալները, Լիբանանի պետական իշխանութիւնը, լիբանանեան համայնքային կեանքի իսլամ ու քրիստոնեայ բոլոր միաւորները եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները: Ձեզ բոլորդ Աստուծոյ, Լիբանանի եւ մեր ազգի անդաստանին մէջ ծառայակիցներ նկատելով` կ՛ապաւինիմ բոլորիդ աղօթքին եւ գործակցութեան:

Նկատի ունենալով, որ այսօր Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ պատմական թուական է` Արցախի անկախութեան 27-րդ տարեդարձին առթիւ, մեր բոլորին անունով կը շնորհաւորեմ ազատ ու անկախ Արցախի հայրենի պետութիւնն ու հերոս ժողովուրդը` զիրենք վստահեցնելով, որ լիբանանահայութիւնը մի՛շտ իրենց կողքին է:

Այսօրուան Ճաշու Աւետարանին մէջ արձանագրուած «Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը» Քրիստոսի հրահանգը որպէս առաջնորդող մտածում առնելով` հինգ հազարին կերակրումը պիտի փորձեմ մեր կեանքին հոգեւոր եւ ազգային սնուցման առնչել:

Մարկոս Աւետարանիչ կը պատմէ, որ երբ առաքեալներ իրենց առաքելութենէն Յիսուսի մօտ վերադարձան, ան ուզեց, որ բոլորը միասին իրեն հետ ամայի տեղ մը երթան եւ քիչ մը հանգչին: Սակայն երբ ժողովուրդը գիտցաւ անոնց ուր երթալը, Յիսուսի շուրջ հաւաքուեցաւ, եւ Ան սկսաւ ուսուցանել: Բաւական ժամանակ անցնելէ ետք առաքեալները խնդրեցին Յիսուսէն, որպէսզի ժողովուրդին առիթ տայ շրջակայ գիւղերը երթալու եւ ուտելիք գնելու: Յիսուս անոնց ըսաւ. «Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը»: Անոնք հարցուցին.- «Կ՛ուզե՞ս, որ երթանք եւ հաց գնենք զանոնք կերակրելու համար»: Յիսուս հարցուց. «Քանի՞ հաց ունիք»: Անոնք ըսին. «Հինգ հաց եւ երկու ձուկ»: Յիսուս հրամայեց առաքեալներուն, որ ժողովուրդը խումբ-խումբ նստեցնեն խոտին վրայ: Ապա ան առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց ու կտրեց հացերը, եւ առաքեալները հացերն ու ձուկերը բաժնեցին անօթի ժողովուրդին: Բոլորն ալ կերան ու կշտացան, եւ աւելցած կտորները հաւաքելով` տասներկու սակառ լեցուցին: Ուտողներուն թիւը, միայն այր մարդիկը հաշուած, շուրջ հինգ հազար էր:

Այս հրաշապատումը հետեւեալ կէտերը կը յանձնէ մեր ուշադրութեան.

Առաջին, հինգ հազարը կերակրելու հրաշքը այնքա՜ն տպաւորած էր Յիսուսի առաքեալները, որ ան միակ հրաշքն է, որ կենդանի կերպով ու մանրամասնօրէն արձանագրուած է Նոր Կտակարանի չորս Աւետարաններուն մէջ. որովհետեւ առաքեալներ Յիսուսի կողմէ նախ հոգեւոր եւ ապա ֆիզիքական ուտելիքի մատակարարման ականատես կը դառնային եւ իրենք եւս իրենց համեստ մասնակցութիւնը կը բերէին այս հրաշքի արդիւնաւորման: Նոյնը չէ՞ մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Աստուծոյ շտեմարանը այնքա՜ն լեցուն է, որ բոլորս ալ միշտ կուշտ պահելու համար հաց կայ հոն: Աստուած կը բաշխէ մեր ուտելիքը. մենք ալ մեր հերթին կշտանալու չափ առնելէ ետք այդ ուտելիքէն, մեր նմաններուն բաժին կը հանենք մեզի տրուածէն:

Երկրորդ, հետաքրքրական է ընդգծել, որ սուրբ պատարագի ընթացքին, նախքան «Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է մարմին իմ» արտասանելը, պատարագիչ քահանան ցած ձայնով գրեթէ նոյն բառերը կ՛ըսէ` Վերջին ընթրիքի ընթացքին Յիսուսի կատարած արարքին ակնարկելով. «Առնելով հացը իր սուրբ, աստուածային, անմահ, անարատ եւ արարչագործ ձեռքերով օրհնեց, շնորհակալութիւն յայտնեց, կտրեց եւ իրեն հետ բազմած ընտրեալ եւ սուրբ աշակերտներուն տուաւ»: Ահա այս հանգոյցով սուրբ պատարագն ու հինգ հազարը կերակրելու հրաշքը իրարու կը կապուին եւ մեզի կը յիշեցնեն այն հիմնական իրողութիւնը, որ ամէն տեսակի ուտելիք ճաշակելով հանդերձ, ամբողջական գոհացում պիտի չգտնենք, այլ միայն սուրբ պատարա՛գն է, որ մեր հոգեւոր սնուցումը պիտի ապահովէ: Կանոնաւորաբար սուրբ պատարագին մասնակցելով եւ սուրբ հաղորդութիւն ստանալով` մենք Քրիստոսով պիտի լիանանք եւ մեր հայ քրիստոնեայի կեանքը արժեւորենք: Կը մաղթեմ, որ սուրբ պատարագի նշխարը անպակաս մնայ մեր հոգիի սակառէն, որովհետեւ մենք ալ սուրբ դառնալու հրաւիրուած ընտրեալ աշակերտներն ենք Յիսուսի:

Երրորդ, Յիսուս այսօր ուղղակիօրէն մանաւանդ մեզի` լիբանանահայ համայնքի բոլոր մարզերու հոգեւորական եւ աշխարհական պատասխանատուներուս կոչ կ՛ուղղէ. «Դո՛ւք տուէք իմ ժողովուրդիս ուտելիքը»: Ամէն մարդ իր գործօն մասնակցութեամբ պիտի պատասխանէ այս աստուածահունչ հրաւէրին: Եկեղեցին եւ մասնաւորաբար, այս պարագային, մեր համայնական ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ Աստուած եւ մարդ համագործակցութեան գեղեցիկ նմուշ մը պիտի դառնայ, որպէսզի հոգեւոր, իմացական եւ ֆիզիքական հացը չպակսի իւրաքանչիւր հայորդիի եւ բոլոր հայորդիներու հոգիի, միտքի եւ կեանքի սեղանէն: Հրաշքը նախապատրաստող Յիսուսի եւ առաքեալներուն խօսակցութիւնը զգաստութեան կը հրաւիրէ մեզ` մեր պատասխանատուութիւնը ստանձնելու հրամայականին դիմաց: Առաքեալները կ՛ուզէին, որ ժողովուրդը ի՛նք գոհացնէ իր անօթութեան կարիքը, երբ Յիսուսի կ՛ըսէին. «Ամայի տեղ ենք, եւ արդէն բաւական ուշ է. արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի շրջակայ ագարակներն ու գիւղերը երթան իրենց համար ուտելիք գնելու, որովհետեւ ուտելիք չունին»: Յիսուս անոնց կը պատասխանէ. «Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը»: Կեանքի մէջ, եւ մանաւանդ` հաւաքական կեանքի մէջ, երբ կարիքներ զգացուին, երկու տեսակ մարդիկ կը յայտնուին. առաջին` անոնք, որոնք կ՛ըսեն. «Ինծի ինչ. ուրիշներ թող մտածեն այս մասին». երկրորդ` անոնք, որոնք կը տրամաբանեն. «Ե՛ս բան մը պէտք է ընեմ նմանիս օգնելու համար»: Վստահ եմ, որ երկրորդ տիպի մարդոց գործակցութեամբ հրաշքներուն թիւը պիտի աւելնայ մեր համայնական կեանքին մէջ:

Չորրորդ, Յիսուսի` «Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը» խօսքը որպէս ծառայական նշանաբան, կ՛որդեգրեմ այսօրուընէ սկսեալ: Այս պահուն դպրեվանեան կազմաւորման տարիներուս փորձառութիւնը կը յաճախէ զիս եւ կու գայ հաստատելու, թէ ես որքա՜ն բախտաւոր եմ, որ առանձին չեմ առաքելութեանս մէջ: Ես կը պատկանիմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան, որուն անդամներուն փառքը իրենց անձնուէր ծառայութիւնն է մեր ժողովուրդին: Կիլիկիոյ հայրապետական Ս. Աթոռը, Հայոց ցեղասպանութեան աքսորէն ետք, երբ հաստատուեցաւ  Անթիլիասի մէջ, իր ամէնէն նուիրական պարտականութիւնը նկատեց վերակազմակերպել իր միաբանութիւնը` դպրեվանքի բացումով: Երջանկայիշատակ Սահակ Բ. կաթողիկոս մայր տաճար եւ վեհարան կառուցելէ առաջ դպրեվանքի քարաշէն շէնքը բարձրացուց, որովհետեւ առանց նուիրեալ հոգեւորականութեան` կարելի չէ հաւատացեալ ազգ կերտել: «Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը» միշտ պիտի հնչէ ականջներուս մէջ եւ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ ծառայող բոլոր անհատներուն եւ կառոյցներուն աղօթական ու գործնական զօրակցութեամբ պիտի փորձեմ կարելիս ի գործ դնել, որպէսզի հաստատուի այն ճշմարտութիւնը, որ երբ մեր քիչը` հինգ հացն ու երկու ձուկը,  Յիսուսի ձեռքին մէջ դնենք, ան պիտի օրհնէ զանոնք եւ բազմացուցած` մեզի վերադարձնէ, որպէսզի բաշխենք մեր սիրեցեալ ժողովուրդին` Աստուծոյ փառքին, Հայ եկեղեցւոյ սրբագործման եւ մեր բոլորին բարօրութեան համար:

Ահա այս մտածումներով կը խնդրեմ, որ աղօթէք ինծի համար: Ես ալ աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած` մեր հաւաքական յաջողութեան համար, խոստանալով փորձել, որ խօսքս գործէ եւ գործս խօսի, որովհետեւ` «Մե՛նք ենք կենդանի Աստուծոյ տաճարը, ինչպէս Աստուած ինք ըսաւ. «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ եւ անոնց հետ պիտի ապրիմ: Ես իրենց Աստուածը պիտի ըլլամ եւ անոնք` իմ ժողովուրդս»» (Բ. Կր. 6.16), յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:

2 սեպտեմբեր 2018
Ս. Նշան Մայր Եկեղեցի

«Հայկական Ուղեւորութիւն Մը…»

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Ես իմ հայ ժողովուրդիս համար կ՛ուզեմ երգել»:

Օգոստոս 2018, Սիտնի, Աւստրալիա: Քաղաքի կեդրոնական մասին մէջ կը շրջագայիմ` վայելելով անոր ու բնութեան արտասաւոր գեղեցկութիւնը: Բայց այդ գեղեցկութեանը մէջ կար նշանաւոր երաժիշտ-յօրինող Վերտիի «Այտա» օփերայի ներկայացումին նկար-յայտարարութիւնը, որ ողողած էր ամբողջ փողոցները: Յայտարարութիւնը կ՛ընդգրկէր երիտասարդ երգչուհիի մը նկարը, որ պիտի մարմնաւորէր Այտան ու ներկայացումի թուականները:

Բայց երիտասարդ երգչուհիին նկա՞րը: Ծանօթ էր ու, տակաւին, անոր աչքերը ունէին խօսող հաղորդականութիւն մը: Եւ ինչպէ՞ս չխօսէին, երբ այդ աչքերը «հայու աչքեր» էին, ու իմ գուշակած «ծանօթ»-ի նկարը դարձաւ իրական:

Նաթալի Արոյեանին առաջին անգամ հանդիպած էի օգոստոս 1999-ին, երբ ես առաջին անգամ ըլլալով Սիտնի այցելած էի: Անոր ծնողքին` Սեմին եւ Լուսինին հետ մտերիմ ու ընտանեկան բարեկամներ ենք. այս իմաստով ալ նաեւ ծանօթացած` իրեն: Այդ օրերուն պարմանուհի Նաթալին երգարուեստի մէջ իր առաջին փորձերը կը կատարէր: Հայ աւետարանական եկեղեցիին մէկ յայտագիրին ան իր մասնակցութիւնը եթէ բերաւ այն ժամանակ` թէկուզ պատանեկան այդ առաջին փորձին երկչոտութեամբ, բայց կարելի էր տեսնել իր տաղանդն ու ապագայի նկատմամբ իր տեսլականները:

Այդ տեսլականը այսօր դարձած էր իրական: Երկար տարիներ ետք արդէն կը խօսէի երիտասարդ ու վաստակ շահած երգչուհի-արուեստագէտին հետ, որ արդէն իր հաստատ դիրքը ունի Աւստրալիոյ օփերայի ծրագրաշարին մէջ: Եւ ի՛նչ խօսք, որ Նաթալիին մասին շատ բան կը խօսուի…

Իսկ խօսուա՞ծը… Եթէ իր երաժշտական տաղանդն է, որ զինք հասցուցած է Աւստրալիոյ օփերայի մէկ նշանաւոր մեներգող-մենակատարի դիրքին, բայց նաեւ` որպէս հայ երգչուհիի:

«Իմ ծնողքիս քաջալերանքը մեծ եղաւ իմ երաժշտական ասպարէզիս մէջ», ըսաւ Նաթալին: Ան երախտապարտ զաւակ է, որ շատ բան կը պարտի իր ծնողաց, որոնք զինք քաջալերած են երաժշտական բարձրորակ այս ձգտումին հասնելու: Նաթալին իր երաժշտական ուսումը ստացած է Սիտնիի, Իտալիոյ Թասքանի քաղաքին եւ Նիւ Եորքի մէջ: Ան տիրացած է շատ մը մրցանակներու, Աւստրալիոյ եւ այլ երկիրներու շատ մը մրցոյթներու ընթացքին:

Բայց Նաթալիին մէջ կայ հայ երգչուհիի տիպարը: Եթէ Սիտնի ծնած է, բայց ան հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստացած է իր ծնողքէն եւ եկեղեցիէն: Հայրը` Սեմը, Կիպրոսի Մելգոնեանին մէջ ստացած է իր դաստիարակութիւնը, իսկ մայրը Լուսինը` Գահիրէի Գալուստեան վարժարանին մէջ: Այս երկու սփիւռքահայ կրթական «ամրոցներէն» կայ մէկ խօսող արդիւնք-վկայութիւն մը. հայուն շարունակականութիւնը… Նաթալին` հայ երգչուհին…

«Ես իմ հայ ժողովուրդիս համար կ՛ուզեմ երգել», կ՛ըսէ Նաթալին: Այս իմաստով, ան Մեծ եղեռնի հարիւրամեակին առիթով կրցած է բեմականացնել երաժշտական յօրինում-մտայղացում մը` «Հակական ուղեւորութիւն մը» նիւթով: Ան կը ներկայացնէ հայ որբի մը` Պայծառին կեանքը, թէ ինչպէ՛ս Ցեղասպանութենէն ետք, եթէ վերապրեցաւ, բայց մնաց միշտ հայուն «Յոյսին» կառչող անհատը, որ ամուր պահեց իր հայկական եւ քրիստոնէական ինքնութիւնը եւ… վերապրեցաւ: Եթէ Պայծառը Նաթալիին մեծ ծնողն էր, բայց նաեւ` ան ամբողջ հայ ժողովուրդին իրական կեանքի տիպարները… Տիպարներ, որոնք վերապրեցան…

Նաթալին իր օփերայի ներկայացումներուն մէջ իր ստանձնած դերերը կ՛ապրի իրենց հարազատութեամբ: Ան այնքան կը նոյնանայ իր ստանձնած կերպարին, «որ կու լամ իրական, երբ պարտադրուած եմ լալու», կ՛ըսէ ան: Եւ այս իմաստով իր «Հայկական ուղեւորութիւն մը» երաժշտական բեմականացումը յաջողութեան հասաւ` մեկնելով իր դերին ստանձնած հարազատութեան գիտակցութենէն: Այնքան հարազատ եղած է, որ ոչ հայ հանդիսատեսը կրցած է նոյնանալ Ցեղասպանութեան ահաւորութեան մէջ, երբ նոյնիսկ առաջին անգամ է, որ կը լսէր այս ահաւորութեան մասին: Նաթալին յաջողած է պատմել իր` հայուն պատմութիւնը իր երաժշտութեան միջոցով…

«Ես հպարտ հայ եմ,- ըսաւ Նաթալին,- եւ այս իմաստով, կ՛ուզեմ իմ բաժինս բերել իմ ժողովուրդիս կեանքին համար»: «Հայկական ուղեւորութիւն մը» ձեռնարկին ամբողջ հասոյթը տրամադրուած է Սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտին: Ու տակաւին, ան չի զլանար առանց ակնկալութեան իր բաժինը բերելու որեւէ հայկական-բարեսիրական ձեռնարկի… Նոյնիսկ իր ճանապարհորդութեան  ծախսերը ինք կը հոգայ, երբ կը հրաւիրուի ուրիշ երկրէ մը` հայկական ձեռնարկի մը իր բաժինը բերելու համար:

2012-ին Երեւանի մէջ կու տայ իր հայաստանեան առաջին երգահանդէսը Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի սրահին մէջ: «Երբ «Զուարթնոց» օդակայան ոտք դրի, աչքերէս արցունք հոսեցան», ըսաւ Նաթալին:  «Ամէն տեղ հայերէն էր», շարունակեց ան: Բայց Ծիծեռնակաբերդի այցելութիւնը եղած էր Նաթալիի կեանքին համար մեծ ազդեցութիւն-անկիւնադարձ: «Ծիծեռնակաբերդ այցելութենէս ետք որոշեցի բեմականացնել «Հայկական ուղեւորութիւն մը» երաժշտական մտայղացումը», ըսաւ Նաթալի:

«Այտա» օփերայի` Նաթալիի Սիտնիի ելոյթին չկրցայ ներկայ ըլլալ: Պէտք էր ճամբորդէի, բայց իմացայ, որ Նաթալին գերազանցած է Այտայի կերպարին մէջ  իր ձայնովը ու նաեւ դերակատարութեամբ:

Նաթալին պատանեկան օրերէն աստիճան առ աստիճան սկսաւ բարձրանալ` մինչեւ իր երիտասարդական ու չափահասութեան տարիքին ամրապնդելով իր դիրքն ու տաղանդը երաժշտութեան եւ օփերային արուեստին մէջ: Այս իմաստով, Նաթալին մէկ լաւագոյն ապրող վկայութիւնն է «Հայկական ուղեւորութեան մը»: Ա՛յն հայկական ուղեւորութեանը, որ Ցեղասպանութեան ահաւորութենէն ետք շարունակուեցաւ վերապրելու տեսլականով… Այս վերապրիլն է, որ դրսեւորեց հայուն հպարտութիւնը: Նաթալին փաստեց, որ կ՛ըլլայ եղեր… Վերապրիլը…

Նաթալի Արոյեանը իր ստացած բեմական կերպարները իրենց սոսկ հարազատութեան մէջ չի ներկայացներ միայն, այլ ան իր իսկական կեանքով եւ իր հարազատութեան մէջ կ՛ապրի հպարտութեամբ:

Հայը իր հայկական «ահաւոր» ուղեւորութեան մէջէն եթէ դուրս եկաւ որպէս վերապրող ժողովուրդ, որովհետեւ կառչեցաւ իր հարազատ ինքնութեան եւ անոր հպարտութեան: Հարազատ ինքնութիւնը` իր հայկական ու մշակութային բոլոր լծակներով: Այս ինքնութեան վրայ ու անոր համար հայը իր հպարտութիւնը դրաւ որպէս վերապրելու միակ գրաւական:

Նաթալիին հայկական ուղեւորութիւնը: Հոն, ուր ան մինչեւ այսօր կ՛ապրի իր հայկականութիւնը` իր հարազատութեամբ եւ հպարտութեամբ:

Բայց չուշացան իմ մտորումներս: Այս որքա՞ն տաղանդ եւ կարողականութիւն կայ մեր հայկական սփիւռքեան իրականութիւններուն մէջ: Նաթալին ու տակաւին` ուրիշներ… Տաղանդներ, որոնք եթէ քով-քովի գան, կրնան կազմել հայկական մեծ միտք, բայց մանաւանդ` ուժ… Միտքն ու ուժը որքա՜ն կարեւոր են մեր ուղեւորութեան շարունակականութեան գործընթացքին համար: Բայց այս միտքը եւ ուժը ո՞ւր եւ որո՞նք պիտի կարենան համախմբել իրարու հետ…

Եթէ պիտի շնորհաւորենք Նաթալին իր ասպարէզային նուաճումին եւ անոր երիտասարդ հայկական կեանքին մէջ ու  կերտած հարազատութեան եւ հպարտութեան համար, բայց մեր բոլորին համար կայ մէկ իրագործելիք մարտահրաւէր, որ` հայկական հարազատութեամբ եւ հպարտութեամբ է, որ մեր «հայկական ուղեւորութիւնը» իր ամբողջութեան մէջ պիտի տանինք դէպի լուսաւոր ապագայ…

 

 

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live