Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Ակնարկ. Հանգուցալուծումները` Իրաւական Դաշտին Մէջ

$
0
0

Վարչապետ Փաշինեան իւրայատուկ ձեւաչափ իրականացուց` համաժողովրդային հանրահաւաքին ներկայացնելով կառավարութեան անցած 100 օրուան ուղին եւ որոշակի նախանիշեր` հետագայ գործունէութեան:

Քաղաքագիտական առումով քանի մը դիտարկային կէտեր կրնանք նկատել.

Յայտարարելով ուղղակի ժողովրդավարութեան մոտել կամ ուղղակի ժողովրդաիշխանութիւն, պարզ կը դառնայ, որ այս եղանակը` նման հանրահաւաքներ կազմակերպելով հանդէս գալու, զեկուցելու եւ յառաջիկայ ընելիքները պարզելու, պիտի ունենայ շարունակականութիւն:

Նկատի ունենալով, որ երկրի կառավարման համակարգը խորհրդարանական է, անհրաժեշտ է նոր ձեւաչափն ու սահմանադրական ընթացակարգերը` հաշուետուութեան, գործունէութեան ներկայացման եւ նախագծման առումով համատեղել, համադրել: Այստեղ կայ ուղղակի եւ անուղղակի ժողովրդավարական համակարգերը զուգահեռականացնելու նուրբ խնդիր, որ հակասութիւն չի ստեղծեր, մինչեւ այն պահը, որ հանրահաւաքի ընթացքին յայտարարուածները հիմնովին չեն տարբերիր խորհրդարանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցած ծրագիրներէն: Այստեղ ի հարկէ զգուշաւոր եւ հաւասարակշիռ մօտեցում պէտք է. երկիրը խորհրդարանական կառավարման համակարգ որդեգրած է եւ պէտք է աշխատիլ այնպէս, որ խորհրդարանի քննարկումները, որոշումները, գործադիր-օրէնսդիր-արդարադատական փոխհակակշռումները սահմանադրութեան ճշդած իրաւադրոյթներու հիման վրայ լիարժէք աշխատին:

Ուղղակի ժողովրդավարութեան կիրարկման ուղղութեամբ յատուկ օրինակ ներկայացուեցաւ արցախեան հակամարտութեան լուծման տարբերակը հրապարակի վրայ քննարկելու մօտեցումը: Նման ճակատագրորոշ խնդիրներու պարագային ոչ նուազ ժողովրդավարական, ուղղակի ժողովրդային կամարտայայտութեան դրսեւորում կ՛իրականացուի հանրաքուէով: Գործող Սահմանադրութիւնը հանրաքուէի կազմակերպման կարելիութեան իրաւադրոյթ ճշդած է արդէն:

Քաղաքագիտական առումով նոր մոտելի կամ նոր ձեւաչափի առաջադրման ընթացքին վարչապետը փորձ կատարած է ներառելու սահմանադրական եւ իրաւական կարելիութիւնները:

Խորհրդարանի եւ հանրահաւաքի միջեւ գոյութիւն ունեցող ճեղքերը կը նեղնան, երբ ըստ էութեան կայանան ազատ, արդար եւ թափանցիկ խորհրդարանական ընտրութիւններ, երբ ժողովուրդը համոզուի, որ գործող խորհրդարանը ժողովուրդի ներկայացուցիչներու օրէնսդրական մարմինն է:

Յայտարարութեան մէջ յատուկ նոր բաժին վերապահուած էր նաեւ արդարադատական համակարգին. խօսքը կը վերաբերի անցումային արդարադատութեան: Շեշտադրումը` թէ անցումայինը պէտք չէ շփոթել արտակարգ դատարաններուն հետ, այս պարագային բաւարար չէ պատկերացում կազմելու եւ մանաւանդ այսօրուան գործող եւ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած արդարադատական համակարգի հետ հաշտեցնելու միտուած նոր դրոյթի մասին:

Անցումային արդարադատութիւնը միջազգայնօրէն կիրարկուած դրութիւն է: Առանց խորանալու իրաւագիտական մանրամասնութիւններու մէջ, պարզապէս այս փուլին անհրաժեշտ է պարզաբանել, թէ արդեօ՞ք երկրին մէջ առկայ է համատարած ճգնաժամ, որ յառաջացուցած է իշխանութիւններուն համար անկարողութիւն` յաղթահարելու տարբեր բնոյթի անօրինական գործողութիւններու իրաւաքրէական հանգուցալուծումներ ապահովելը:

Մեր երկիրը թեւակոխեց եւ կը շարունակէ թեւակոխել ճգնաժամային փուլեր: Այդ ճգնաժամերու հանգուցալուծումները ընթացան եւ կը շարունակեն ընթանալ բացառապէս իրաւական ընթացակարգերով: Օրէնքի գերակայութիւնը, Սահմանադրութեան անհպելիութիւնը իբրեւ առաջնային սկզբունք հարկ է, որ շարունակեն ուղենշել ինչպէս իշխանութեան, այնպէս նաեւ հասարակութեան կողմէ ձեռնարկուելիք բոլոր գործողութիւններն ու քայլերը:

«Ա.»


Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Առիթով` Անոր Գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1920 –Գ.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

17 սեպտեմբեր 1920  թուակիր ՀՄԸՄ-ի կեդրոն ղրկած իր նամակին մէջ Վահան Չերազ կը գրէ. «Հակառակ այս յաջողութիւններուն` մենք քիչ ենք, իսկ գործը` հսկայ, այդ պէտք է լաւ գիտնաք, այստեղ Հայաստան է, մեծ է արդէն ու պիտի մեծնայ, կարելի չէ գործել, մանաւանդ չորս հոգիով, ան ալ` իրարմէ հեռու:

«Չորս հոգի ենք եւ պիտի մարմնակրթենք Հայաստանը: Պիտի կազմենք սկաուտական խումբեր, պիտի հայացնենք լեզուն (ռուսերէնի փոխարէն), հրամանները, խառնուածքները, ոգին: Պիտի մտնենք որբանոցները, ուր հազարներու զանգուած մը կայ. անանուն, անգոյն, անժպիտ եւ սակայն` անգին: Պիտի հսկենք դպրոցներուն, պիտի զբաղինք մամուլով, Կարս արդէն թերթ կը հրատարակէ` «Հայ Արի»: Պիտի վարենք կեդրոնի գործ` կապ պահելով թէ՛ ձեզի հետ, թէ՛ նախարարութիւններուն եւ թէ` մենք մեր միջեւ: Արշաւներ, քննական պտոյտներ պէտք է կատարենք: Նիւթ, գոյք, զգեստեղէն պէտք է ճարենք երկրի մը մէջ, ուր ոչինչ կայ:

«Ձեր ղրկած մի քանի գիրքերը, թերթերը, գոյքերը, նամակները, մեզի համար կ՛ունենան բարոյական խիստ մեծ նշանակութիւն:… Անցեալ օր (19 սեպտեմբեր 1920) Էջմիածին գացինք: Երթուդարձը քալելով` իբր ճշմարիտ սկաուտներ: Իմ հետս էին Եզնիկը (եւ եղբայրը` Գուրգէն Քաջունի), Տիգրանը (Խոյեան) եւ Պոլիսէն Արմաշի աշակերտներուն հետ եկած գիւղատնտեսներու խումբ մը, Կոպեռնիկ Թանտրճեան, Փարթամ, (Յարութիւն) Արըճեան եւ այլն (Զարմայր Մարտիրոսեան): Այնտեղ սկաուտական գործով ալ զբաղեցանք: Խմբապետուհի օր. Կարինէ Աղազարեանին պէտք եղած հրահանգներն ու քաջալերանքը տուինք, թերթ եւ գիրք տրամադրեցինք եւ յանձնարարեցինք, որ շարժումը վարէ:

«Նոր շրջաններ պիտի կազմակերպենք, ինչպէս` Ճելալ Օղլուն, (Ստեփանաւան), ուր հունգարացի Սեդման արդէն կազմակերպած է անհատական սկաուտութիւն: Այստեղ (Ալեքսանդրապոլ) ալ կային, բայց չքացան մեր երեւումով: Մի քանի օրէն վերջապէս կը տիրանանք մեր կեդրոնական գրասենեակին` Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) մէջ…

Որբերու քաղաք Ալեքսանդրապոլը 1921

Որբ սկաուտներ 1922-ին Հայ առաքելական դարձած եկեղեցւոյ առջեւ Կազաչի Փոստ

«Նոր շրջաններ պիտի կազմակերպենք, սակայն սկաուտական դրօշակներու համար ձեր ղրկած կտաւները անբաւարար են: Կանաչ, դեղին, սրճագոյն, նարնջագոյն կտաւ բնաւ չի գտնուիր (Հայաստանի մէջ)…իսկ փողկապի, հագուստի, գլխարկի մասին խորհած իսկ չունինք: Հայաստանի սկաուտները սեւ տարազ հագած են` Եղիշէին (Քաջունի) տրամադրած կտաւով…

«Գիտէ՞ք: ՀՄԸՄ-ը մենք այստեղ կը կարդանք Հայաստանի Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն: Մօտ ատենէն պիտի այցելենք նաեւ Սարիղամիշ, Ղարաքիլիսէ, Ճելալ Օղլու եւ Դիլիջան» (1), (15):

«26 սեպտեմբեր 1920- ին Ալեքսանդրապոլի մէջ տեղի կ՛ունենայ տեղւոյն «Մեծն Վարդան» եւ Երեւանի «Սպորտ» ակումբին միջեւ փոխվրէժի ֆութպոլի մրցում մը` «Կազաչի փոստ»-ի (նախկին ռուսական զօրանոցներ` որբանոցի վերածուած, նաեւ` Փոլիկոն եւ Սեվերսքի փոստեր) դաշտին վրայ, ներկայութեամբ Շիրակի նահանգապետ Կարօ Սասունիի եւ հոծ բազմութեան, տոմսերը սպառած էին: Կարգապահութեան կը հսկեն սկաուտներ եւ ոստիկաններ: Իրաւարար կը նշանակուի Տիգրան Խոյեան, որ գրեթէ անդադար կը սուլէ… Երեւանցիները 1-0 արդիւնքով կը յաղթեն` հակառակ երկու գիշեր շոգեկառքին մէջ անհանգիստ, անօթի եւ անքուն մնալնուն (երկու օր, քանի որ ուրբաթ երեկոյեան ժամը 9:00-ին մեկնելիք շոգեկառքը շաբաթ առաւօտ ժամը 9:00-ին ճամբայ կ՛ելլէ…  Վառելանիւթի պակասը լրջօրէն կը խանգարէր հաղորդակցութիւնը: Սովորական երեւոյթ էր, որ շոգեկառքը կանգ առնէ եւ ճամբորդները մօտակայ անտառներէն վառելափայտ հաւաքեն շոգիին համար…):

«… Երեւանի Անգլիական այգիին մէջ, մեր սկաուտներուն դրօշակով խօսելու փորձերէն տպաւորուած, յայտնի հանրային գործիչ եւ մտաւորական Գրիգոր Չուլխուշեանը գեղեցիկ յօդուած մը գրած է (մեր մասին) Երեւանի «Յառաջ» թերթին մէջ», կը գրէ Խոյեան (17):

Սկաուտներու ուղիղ եւ կանոնաւոր շարք` Կազաչի Փոստի մէջ 1922

Ահա ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը իր նպատակին ծառայած ըլլալը կը վկայէ հաղորդակցութեան նախարար Արշակ Ջամալեանը. «1920-ի աշնանը դուք այլեւս անպատսպար որբեր չէիք տեսներ մեր քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ, որոնց լացն ու կականը սիրտ կը կտրատէին: Անոնց աղիողորմ ճիչերը փոխարինած էին պոյ-սկաուտներու կորովի քայլերգը եւ ֆութպոլիստներու աղմուկն ու քրքջոցը Երեւանի Անգլիական այգիին եւ Ալեքսանդրապոլի Փոլիկոնին (երկրորդ մեծ որբանոցը) մէջ: Ասոր հետ միասին` դանակով կտրածի պէս դադարած էր մուրացկանութիւնը»:

Ահա նաեւ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտին նպատակը` ծառայելու ազգին եւ հայրենիքին, գործնապէս կ՛իրագործուի:

18 նոյեմբեր 1920 թուակիր ՀՄԸՄ-ի կեդրոն ղրկած նամակին մէջ Օննիկ Եազմաճեանը Երեւանէն կը գրէ. «Պատերազմական դրութիւնը կարծես աւելի մեծ ուժ եւ եռանդ տուած է, եւ մեր տղաքը այս վայրկեանին աւելի լաւ փարած են գործին: Մեր դասախօսութիւնները կը շարունակենք: Այս շաբաթ մտադիր ենք Բ. կարգի սկաուտներու քննութեան սկսիլ…

«Զանազան ճակատներ ուղարկեցինք սկաուտներ այլ եւ այլ պաշտօններով. օրինակ` սուրհանդակ, մթերանոցներու հսկիչ, Կարմիր խաչ, դրօշախօսներ, որոնք այս պահուս կը գտնուին Շարուրի (այժմ` Վայոց Ձորի Բարձրունի գիւղը) ճակատը, որոնք հոն ղրկուած է տեղւոյն զինուորական պետին հրահանգով: Երկու սկաուտ ղրկուած է Ուլուխանլու (այժմ` Մասիս քաղաք), ուր կը գտնուի գաղթականներու համար բացուած սննդակայանը, ուր սկաուտները կը պատրաստեն թէյ, կերակուր եւ այլն: Նոր Գաւիթ գիւղն ալ սկաուտներ կան, ուր կը պատրաստուի գաղթականներուն հացը` տեղւոյն պաշտօնեաներուն վրայ իբրեւ հսկիչ: Երկու սկաուտ ունինք ելեւմտական նախարարութեան մէջ եւ այլ տեղեր:

Ալեքսանդրապոլի 3 որբանոցներու որբերուն թիւը հասած է 20 հազարի

«Երեւանը լեցուն է գաղթականներով եւ որբերով: Երկուշաբթի օր Կարմիր խաչին հետ գացինք ու դարմանեցինք 30-40 որբեր, որոնք Կարսէն փախուստի ժամանակ վիրաւորուած էին եւ զանազան վէրքեր ունէին: Այսօր խնամատարութեան նախարարին հրամանով մեզի յանձնուեցաւ թեմական դպրոցին մէջ գտնուող 1000 գաղթականներուն հոգը: Երեւանէն Էջմիածին պիտի փոխադրենք 400 որբեր: Տրամադրութեան տակ մեծ սկաուտ չմնաց, սակայն պզտիկներն ալ քաղաքին մէջ կրնանք գործի մղել: Մեղուի պէս կ՛աշխատին» (1):

«Այժմ դադրած ենք սկաուտ եւ մարզիկ ըլլալէ, բոլորս կամաւորներ ենք եւ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան համար խրամներ կը փորենք», կը գրէ Չերազ:

Հայկական բանակի թնդանօթային բաժինի հրամանատար զօրավար Արարատեանը, որ Ալեքսանտրապոլ եկած էր Կարս մեկնելու համար, Խոյեանէն 21 սկաուտներ կ՛ուզէ, որպէսզի անոնք իբրեւ օգնականներ զինեն (Ալեքսանդրապոլի) բլուրին վրայ գտնուող բերդի թնդանօթները: «Բոլորն ալ հիանալի ոգիով «Պատրաստ ենք իսկոյն մարզուելու», կ՛ըսեն», եւ 31 հոկտեմբեր 1920-ին 30 կամաւոր սկաուտներ Խոյեանին հետ բերդ կ՛երթան:

Տիգրան Խոյեան կ՛եզրակացնէ. «Միայն երկու ամսուան «գործունէութիւն» մը ունեցաւ մեր առաքելութիւնը: Գրեթէ մէկ ամիսը անտեղի կերպով վատնուեցաւ կրթական նախարարութեան ներկայացուցիչ բժիշկ Արծրունիի եւ մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող մարզական անհաշտ տեսակէտներու միաձեւումին: Սեպտեմբեր ամիսը մտանք արդէն, եւ մենք` չորսս դպրոցական տարեշրջանին համար մեր կողմէ խնամքով մշակուած եւ կրթական նախարարութեան վաւերացման ենթարկուած մարմնակրթական ծրագիր մը պատրաստեցինք, որուն գործադրութեան հազիւ սկսած` պայթեցաւ թուրք եւ հայ նոր պատերազմը:

Որբերու ձմեռնային մարզանք Կազաչի Փոստի դաշտին վրայ, 1922

… Վահան Չերազն ու եզնիկ Քաջունին հրաժարականին տուին նախարարութեան եւ մեկնեցան կռուի ճակատ: Օննիկը մնաց Երեւան եւ ես` Ալեքսանդրապոլ, փութով սկսանք դպրոցներու համար պատրաստուած ծրագիրը գործադրել փորձել: Ուսուցիչներէն գործակիցներ ճարեցինք անոնց միջոցով դպրոցներուն մէջ տարուելիք մարմնակրթական աշխատանքին թափ տալու համար: Սկաուտական շարժումը, պայմաններու բերումով աւելի դանդաղ սկսաւ յառաջանալ: Միեւնոյն ատեն, պատերազմական դրութեան պարտադրանքին տակ, մեծ սկաուտները տրամադրեցինք քաղաքային վարչութեանց եւ զինուորական իշխանութեանց կարիքներուն` անոնց դիմումին իբրեւ գոհացում: Դէպքերը, սակայն, գահավէժ ընթացք մը առին, կացութիւնը շատ ծանրացաւ, հայ հանրապետութիւնը ինկաւ» (17), եւ միայն Վահան Չերազ մնաց Հայաստան:

2 նոյեմբեր 1920: Սեպուհի բանակէն խոտորջուրեցի Թորգոմը ճակատէն նամակ կը բերէ Չերազէն, որ կը թելադրէր պատրաստուիլ գաղթելու, կը գրէ Խոյեան:

1-25 նոյեմբեր 1920: Այս քսանչորս օրերը հռչակուած ըլլալով «Սկաուտը հայրենիքին համար» օրեր` ՀՄԸՄ-ի (Պոլսոյ) բոլոր մասնաճիւղերը տուներէն դրամ եւ հագուստ կը հաւաքեն Հայաստանի սկաուտներուն համար:

13 փետրուար 1921-ի հակախորհրդային Փետրուարեան ապստամբութեան մասնակցելէ ետք, անգլերէնին տիրապետած Վահան Չերազ 29 նոյեմբեր 1921-ին Ալեքսանտրապոլի իր թաքստոցէն դուրս գալով գործի կը դիմէ Ամերիկեան Նպաստամատոյցի տնօրէն Միլթըն Պրաունին, որ իր կարգին սկաուտապետ եղած է. ան իսկոյն լաւ վճարումով պաշտօն մը կու տայ Վահանին: Պաշտօնը «Կազաչի Փոստ» որբանոցին մէջ հսկողութիւն-պահակութիւն էր, սակայն ան կը դիմէ տնօրէնին` այդ որբերուն նաեւ սկաուտական դաստիարակութիւն տալու, որ ջերմօրէն կ՛ընդունի:

«Վահան Չերազ իրեն յատուկ սկաուտապետի տաղանդով կը գրաւէ սէրն ու վստահութիւնը իր որբ սկաուտներուն: Պրաունի գոհունակ հովանիին տակ, տիպար տասնեակներ կը կազմակերպէ այդ որբերէն, որոնք իրենց թոյլ, անկարգապահ եւ խարդախելու հակամէտ նկարագրային վատթար գիծերը կը փոխարինեն առոյգ, կարգապահ եւ պատուախնդիր նկարագիրով: Իբրեւ ամէն կերպով առողջ հայեր ըլլալու հպարտութեամբ` այդ «Հայ արիները» եղան Վահանի ջանքերուն արդար վարձատրութիւնը: Չերազի յառաջ բերած այդ հրաշալի արդիւնքը վարձատրութիւնն է նոյնպէս, եւ` միակ շօշափելի գործը, զոր ՀՄԸՄ-ի հայաստանեան առաքելութեան անունին կրնանք կապել, քանի որ այդ առաքելութեան ամենավաստակաւոր եւ արժանաւոր երէց անդամն էր, որ երբ առիթը ներկայացաւ, սկաուտական դաստիարակութեան սրբազան արժէքը երեւան բերաւ», կ՛եզրակացնէ Խոյեան (17):

21 փետրուար 1921-ին Չերազ կը գրէ. «Պոլշեւիկները խափանեցին սկաուտական շարժումը‚ որովհետեւ «հայրենիքի կործանիչ եւ յետադիմական գաղափարներ կը ներշնչենք եղեր մանուկներուն», եւ թէ` «անգլիական իմպերիալիստական մեթոտներուն կը հետեւինք եղեր»:

ՀՄԸՄ-ի օժանդակութիւնը հայրենիքին կը շարունակուի, եւ Մարտ 1921-ին Սկաուտները Պոլսոյ բոլոր թաղերուն մէջ Հայաստանի սկաուտներուն համար կը հաւաքեն 24 հակ հագուստ եւ մօտ 2500 ոսկի:

Վահան Չերազ կը շարունակէ ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը որբանոցին մէջ: Օր մը մարդ մը կը ներկայանայ որբանոցի դրան, ուր 12 տարու երկու համազգեստով սկաուտներ պահակութիւն կ՛ընէին` այցելուներուն ինքնութիւնը տեղեկացնելու գրասենեակ, ապա զանոնք ներս առաջնորդելու: Այցելուն կը մերժէ սպասել, սկաուտները կը փորձեն գաւազանով փակել մուտքը, սակայն այցելուն ապտակելով զանոնք` կը փորձէ ներս մտնել: Չերազ լսելով տղոց լացն ու ճիչը` կը փութայ մուտք եւ առանց հարցուփորձի մտրակի հարուածով կը վռնտէ այցելուն, որ Լենինականի (Ալեքսանդրապոլի նոր անունը) Չեկայի պետն էր… Այս պատճառով հալածանքի կ՛ենթարկուի` մինչեւ լրտեսութեան ամբաստանութեամբ Սիպերիա աքսորուիլը, նոյեմբեր 1924-մարտ 1925, ապա ազատ կ՛արձակուի, կը վերադառնայ որբանոցի պաշտօնին, սակայն 25 դեկտեմբեր 1927-ին, կրկին կարճատեւ բանտարկութենէ ետք, 9 յունուար 1928-ին Թիֆլիսի մէջ կը գնդակահարուի` միանալով մեր անմահ նահատակներու փաղանգին (1), (19):

Այսպիսով, 25 դեկտեմբեր 1927-ին վերջ կը գտնէ ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

15 յուլիս 2018
(Շար. 3 եւ վերջ)

1.- «Վահան Չերազ եւ իր երգն Հայաստանի», Վազգէն Անդրէասեան, Պէյրութ, 1977, տպարան «Սեւան», էջ:
4.- «Յուշամատեան ՀՄԸՄ-ի 1918-1958», Ներսէս աբեղայ Բախտիկեան, Պէյրութ, 1958, տպարան «Կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, էջ 73-85:
5.- ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ` «Հայ Սկաուտ», թիւ 3, Կոստանդնուպոլիս, 1 դեկտեմբեր 1919, էջ 33:|15.- Նոյնը, թիւ 23-24, նոյեմբեր-դեկտեմբեր 1920, էջ 356-357:
17.- «Նահատակ ցեղի անմահներ», Տիգրան Քահանայ Խոյեան, տպարան «Ալթափրէս», Պէյրութ:
19.-  https://vahanishkhanyan.wordpress.com/2014/06/10/cheraz/

 

«Մենք Այս Կառավարութեան Մէջ Ընդգծուած Ձախ Ենք»

$
0
0

Հ. ՋԵԲԵՋԵԱՆ

Գիւղնախարարը պատմում է, որ տնտեսական քաղաքականութեան շատ հարցերում իրենք ունեն իրենց մօտեցումները Գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեանը ՀՅԴ-ի կազմակերպած սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան մասին հանրային քննարկման ժամանակ յայտարարեց, որ վերջին տարիներին տնտեսութիւնն անշեղօրէն աճել է, բայց երբ որ խօսում են տնտեսական աճի մասին, մարդիկ զայրացած իրենց են նայում, որովհետեւ հասարակութիւնը բեւեռացուած է: Ըստ նրա, տնտեսութիւնն անշեղօրէն աճում է, բայց ունենք արտագաղթ, որովհետեւ կայ անարդարութիւն: «Առաւօտ»-ի հետ զրոյցում հարցին` եթէ սա ասէր վերջին տարիներին ընդդիմութիւն եղած, իշխանական քոալիսիոնի մաս չկազմած կուսակցութեան ներկայացուցիչ, ինչ-որ չափով հասկանալի կը լինէր, բայց եթէ ՀՅԴ-ն ունեցել է նախարարներ, ունեցել է լծակներ` ազդելու իշխանական որոշումների վրայ, ինչո՞ւ չի արել այս տարիներին, նախարարը պատասխանեց. «Մենք նախկին նախագահի հրաւէրքով 2016-ին, հասկանալով իրավիճակի օրհասականութիւնը, անդամակցեցինք կառավարութեանը: Եթէ դուք նայէք մեր նախարարների գործունէութիւնը, ապա ընդգծուած ձախակողմեան է եղել: Մենք միշտ էլ ասել ենք` պէտք է ստեղծել մեքանիզմներ, որոնք կարող են ստեղծուած արժէքը ճիշդ վերաբաշխել հասարակութեան անդամների միջեւ: Այս կառավարութիւնում էլի մենք ունենք 2 նախարար ու էլի մենք այս կառավարութեան մէջ ընդգծուած ձախ ենք, նոյնիսկ կառավարութեան նիստերի ժամանակ էլ կը տեսնէք, որ մենք խօսում ենք, որ փոքր ձեռնարկատէրերին պէտք է պաշտպանենք, երբ հարցը գնաց 115-ից 58 միլիոնի իջեցնելուց, նաեւ երբ խօսք էր գնում տեղական արտադրողներին պաշտպանելու քաղաքականութեան իրականացման մասին, այստեղ էլ էլի կը տեսնէք, որ միջամտութիւնների տեսքով մենք ցոյց ենք տալիս` որոնք են մեր մօտեցումները: Բայց պէտք է հասկանանք` կայ կառավարութիւն, կայ կառավարութեան մեծամասնութիւն, ուղղակի մենք այն կառավարութեան մէջ էլ, այս կառավարութեան մէջ էլ ընդգծուած ձախակողմեան քաղաքականութիւն ենք իրականացրել: Բայց միջոցները սահմանափակ են: Եթէ մենք ունենանք ամբողջական իշխանութիւն ինչ-որ մի պահի, կը տեսնէք, որ մենք մեր ուղղուածութիւնը շարունակում ենք»: Գիւղնախարարն ասաց, որ երբ իրենք խօսում են ստեղծուած արժէքի բաշխման մասին, դա նաեւ աշխատատար ճիւղերի զարգացմանն է վերաբերում. «Նպաստի փոխարէն, երբ մարդը նպաստ է ստանում, աւելի լաւ է գնայ աշխատատար ցածր մարժայով ձեռնարկութիւնում աշխատի, բայց գումար ստանայ, որ չեղած տեղից փող ստանալու այդ մշակոյթը դուրս գայ: Ընտանիքը եթէ 20 տարի նստած է ընկերային համակարգի վրայ, ուրեմն այդ ընկերային համակարգն ինչ-որ մի տեղ խաթարուել է»: Մեր դիտարկմանը, որ մինչ նպաստառուների ցուցակից մարդկանց հանելը պէտք է նախ աշխատատեղեր ստեղծուեն` Արթուր Խաչատրեանն արձագանգեց. «Հէնց դա ենք ասում` պետութիւնը պէտք է իր վրայ վերցնի գործուն գործառութիւններ: Ծայրայեղ դէպքերում կա՛մ ինքը կարող է ձեռնարկութիւններ ստեղծել, կա՛մ պետութիւն-մասնաւոր հատուած գործընկերութեան շրջանակներում ձեռնարկութիւն լինի: Կայ մեծ կառավարութեան գաղափարախօսութիւն, կայ` փոքր: Փոքրն ասում է` ես ձեռքերս լուանում եմ, շուկան ինքն իրեն կը կարգաւորուի, եթէ մեծ ձախողումներ են լինում, այդ դէպքում թիրախային միջամտութիւն եմ անում, եւ կայ միւս մօտեցումը, որն ասում է` պետութիւնը պատասխանատու է տնտեսութեան համար, պետութիւնը պատասխանատու է ժողովրդի համար եւ ընկերային բարեկեցութեան համար, աշխուժ քայլեր է ձեռնարկում: Մենք ասում ենք, որ պէտք է այնքան շուկայ, որքան հնարաւոր է, եւ` այնքան միջամտութիւն, որքան անհրաժեշտ է, մենք խրախուսում ենք մրցակցութիւնը, բայց եթէ տեսնում ենք, որ մրցակցութեան արդիւնքում բացեր են առաջանում` ձեռնարկութիւններ չեն ստեղծւում, ձեռնարկութիւնները Երեւանի կեդրոնում են ստեղծւում, այդ դէպքում արդէն անմիջականօրէն պէտք է մասնակցել»:

«Առաւօտ»

 

Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 25-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին Համբիկ Պիլալեանին Արտասանած Խօսքը

$
0
0

Առաջին հերթին` շնորհակալութիւն ընծայուած այս առիթին համար: Ապա թոյլ տուէք, որ դասական բանախօսութեան, այսպէս ըսած, կարգը խախտել, եւ ինչ որ անոր աւարտին պիտի ըսուի, իբրեւ գնահատանք կամ արժեւորում, սկսինք անով, ընդգծենք մեր ըսելիքը եւ կառուցենք մեր հետագայ մտորումներուն հարթակը:

Ինչո՞ւ, որովհետեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին կազմակերպած սոյն ձեռնարկը` նուիրուած Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 25-ամեակին, խորքին մէջ կը պարփակէ երկու հիմնական թելադրականութիւն. նախ այն, որ մեր աննման նահատակ ընկերը հարազատ ծնունդն է եղած այս մասնաճիւղին, հասակ առած միութեան ջամբած գաղափարական դաստիարակութեամբ եւ իր եզակի նկարագիրը կերտած` դաշնակցականի երիտասարդական մթնոլորտի հնոցին մէջ:

Եւ երկրորդ, երբ կ՛ընդգծենք տուեալ մասնաճիւղին տարած աշխատանքը, ինչպէ՞ս կրնանք մոռացութեան տալ, առհասարակ, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարական միութեան ամբողջ գործունէութիւնը:

Գործունէութիւն, որ 45 տարի է կը շարունակէ իր երթը` յամառօրէն, անվհատ եւ առանց երկմտանքի, հակառակ այն ճշմարտութեան որ ժամանակները, կեանքի պայմաններն ու մտածելաձեւերը շատ արագ կը փոխուին, արհեստագիտութիւնը սրընթաց կ՛ընթանայ` ունենալով իր դրական եւ ժխտական անդրադարձերը, իսկ երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս, եւ ի մասնաւորի դաշնակցական երիտասարդ  փաղանգներ կը դիմագրաւեն բարոյահոգեբանական թէ նիւթականացած կեանքի մարտահրաւէրներ եւ դժուարութիւններ, որոնց դէմ յանդիման, ամէն քայլափոխի, անոնք պարտաւոր են ցոյց տալ կամքի, կորովի, համոզումի, հաւատամքի, խանդավառութեան, սկզբունքի, նախաձեռնութեան ոգիի, գաղափարին ծառայելու եւ անով առաջնորդուելու այնպիսի ոգեկան բարձրութիւն, որով պիտի կարենան, բացառաբար, հաւատարիմ մնալ դաշնակցական վսեմ ըմբռնումներուն, արժէքային համակարգին եւ  անմնացորդ ծառայել հայութեան ու հայրենիքին:

Արդ, յոբելենական տարեշրջան մը ըլլալով, ահա, այս առիթով կ՛ուզենք լոյսին բերել ԼԵՄ-ի ծննդեան 45-ամեակը եւ ի խորոց սրտէ ողջունել այս կառոյցը, իբրեւ գաղափարական ու դաստիարակչական անփոխարինելի դպրոց, երիտասարդական հարազատ միջավայր եւ ազգանուէր գործունէութեան դաշտ:

Գովասանքի բարդոյթն ու յոխորտանքի փրփուրները չեն, որ այս պահուս մեզ կ՛առաջնորդեն, այլ դաշնակցական մտածումի, զգացումի եւ ապրումի պարտաւորութիւնն է, որ զգաստութեան կը հրաւիրէ բոլորս, անխտի՛ր, ըսելու ամէն ինչ, որ կը վերաբերի դաշնակցական գիր-գրականութեան, գաղափա-րախօսական արժէքներուն, ազգային մտածողութեան, կենդանի պատմութեան եւ հայաստանակեդրոն գործունէութեան:

Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել ու խորապէս հասկնալ 26-ամեայ երիտասարդի մը կեանքն ու կենդանագիրը, մտածումներն ու ապրելու եղանակը, «Դէպի Երկիր» ճախրելու անոր խայտանքը, եռանդը, ազգային ազատագրական պայքարին իր տիրական մասնակցութիւնը բերելու ներքին մղումը, ուժը, հայրենապաշտութեան բարձր գիտակցութիւնը, որակը, հայրենի հողին վրայ ապրելու, ընտանեկան բոյնը կազմելու համոզումը, ժողովուրդին նուիրուելու երկնամերձ երազանքը:

Այո՛, երազանք, որ շա՜տ քիչերու է տրուած բացառիկներու շնորհուած, աւելի՛ն. անկրկնելիներուն` վերապահուած:

Ու այդ անկրկնելիներու սրբազան փաղանգին մաս կը կազմէր երիտասարդ մը, որ Սասնայ լեռներու տոհմէն սերած տղեկ մըն էր երէկ, որ իր պատանեկանի եւ երիտասարդականի տարիքը անցուցած է լիբանանահայ գաղութի ծառայութեան մէջ, յատկապէս պատերազմի տարիներուն, երբ շատերու կողքին անվերապահօրէն կը լծուէր իր խանդն ու ժպիտը, միտքն ու հոգին, հաւատքն ու աշխատանքը շաղախելու հայ իրականութեան` յանուն սեփական ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ խաղաղ ապրելու իրաւունքին:

Իսկ ո՞վ է եղեր այս գլխագիր ՏՂԱՆ, որ երիտասարդ տարիքին երդուեց մաս կազմել ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն, որպէսզի իր կարգին, Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ իր վարակիչ ներկայութիւնը ունենայ, ազնուական հոգին ու գիտական միտքը ներդրէ, կամքը կռանէ, հաւատամքը բիւրեղացնէ եւ, եթէ հարկ ըլլայ, իր թանկագինը` կեանքը զոհաբերէ:

Ահաւասիկ, վերոնշեալ հասկացողութենէ թելադրուած, այսօր մենք հաւաքուած ենք երկիւղածօրէն ոգեկոչելու յիշատակը անզուգական երիտասարդի մը, որուն անունն է Մհեր Ջուլհաճեան:

Մհեր Ջուլհաճեան, որ իր գաղափարակից ընկերներուն` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մերուժան Մոսիեանի, Արտակ Մնացականեանի,  Լեւոն Համբարձումեանի եւ Ռուդիկ Աւագեանի հետ 23 օգոստոս 1993-ին կը նահատակուէր Մարտունի շրջանի Մարզիլի գիւղի մերձակայքը` ականի պայթումի մը պատճառով, երբ անոնք կը ստուգէին հայկական սահմանապահ ուժերու դիրքերը:

Այո՛, սեւ ական մըն էր` դարանակալ, որ հայ ժողովուրդէն անարգաբար խլեց նուիրական տղաներ, անձնուրաց ֆետայիներ, գաղափարապաշտ հերոսներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հեքիաթ մը ունէր իր սրտին մէջ, ազնուական պատմութիւն մը` մտքին մէջ, Արցախի Մռաւ լերան վեհութեան չափ համոզումի ցոլքեր` իր հոգիին մէջ:

Ճիշդ է, որ անոնք Արցախի ազատագրական պայքարի առաջին զոհերը չէին, ոչ ալ վերջինները եղան, ցաւ ի սիրտ, սակայն անոնք իրենց անօրինակ քաջութեամբ, կենդանի շունչով եւ բոցավառ անհատականութեամբ իրենց սրբազան անունները, դրոշմը եւ հետքը կոթողեցին հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ոսկեայ էջերուն մէջ ու դարձան մեր օրերու լեկենտ տղաները` ցոյց տալով առասպելական կամքի ու ոգիի բացառիկ գեղեցկութիւն:

Եւ այդ վեհափառ բարձունքը նուաճած տղոցմէ ահա կ՛առանձնացնեք բոլորիս սիրելի ընկերոջ` Մհերին անունը, ոչ թէ անոր համար, որ կ՛ուզենք զատորոշել զինք իր ընկերներէն, այլ ըլլալով մեր գաղութի տղան, մեր շրջապատի հարազատ բարեկամն ու կուսակցականը` շեշտադրել անոր առած քայլին գերազանց տիպականութիւնը, աւելի՛ն. լոյսին բերել անոր կեանքի պատուաբեր փուլերը, բայց մանաւանդ` վերյիշեցնել նորահաս սերունդին, թէ Մհեր Ջուլհաճեանի կեանքն ու համոզումները,  սխրանքն ու ազգանուէր նահատակութիւնը դպրոց մըն է ինքնին, պատուաբեր ու անշրջանցելի, ուր կրնան յաճախել ազնուասիրտ ու գաղափարապաշտ տղաները միա՛յն:

Աւելի՛ն. Մհեր Ջուլհաճեանի ստեղծած դպրոցին մաս կրնան կազմել բոլոր անոնք, որոնք Արարատ մը ունին իրենց հոգիին մէջ, բոլոր անոնք, որոնք հիւլէ մը ունին Քրիստափորի տաղանդէն, միւռոն մը` Զաւարեանի սրբութենէն, եւ բջիջ մը` Ռոստոմի դաշնակցականակերտ մեծութենէն:

Որպէսզի թիւրիմացութեան զոհը չդառնանք, որպէսզի մենք մեզ յարգելու ճիշդ հունին մէջ գտնուինք, յստկացնենք, թէ վերոյիշեալ արժեւորումը չի նշանակեր արուեստական խրամատ գծել նահատակներու միջեւ, ստորագնահատել այս կամ այն ֆետայի զինուորի սուրբ գործն ու առաքելութիւնը, ո՛չ, երբեք, քաւ լիցի, այլ մեր բացարձակ համոզումն է եղած, որ իւրաքանչիւր նահատակ թէ մահկանացու ընկեր, երբ իր ազգին ծառայութեան կոչուած է, ընդունած արեան մկրտութիւն թէ բանտի տանջանքներ, կախաղանի թէ կառափնատի հարթակներ, ապա իր հոգիին ու մտքին մէջ սերմանուած են ՀՅ Դաշնակցութեան երրորդութեան, հիմնադիր սերունդի եւ աննման հերոսներու հոգեկերտուածքէն նշխարներ, որոնցմով կերտած է իր եզակի  նկարագիրը, սպառազինած է ինքզինք եւ նետուած պայքարի դաշտ, ու այսպէս` աւելի քան 128 տարի:

Այս առիթով նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներ, չափահասներ ու երէցներ կրնան հարց տալ, թէ Մհեր Ջուլհաճեան ո՞ւր, ե՞րբ, ինչպիսի՞ միջավայրի թէ մթնոլորտի մէջ կրցած էր աշտարակել իր հայաբորբ զգացումները, ապրումներն ու մտային պաշարը: Արդեօք նման դաստիարակութեան գաղտնիքը ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ, ըմբռնել ու բացատրել:

Գաղտնի՞քը, սիրելիներ, այնքան պարզ է ու անշպար, յստակ ու անսեթեւեթ:

Գաղտնիքը պէտք է փնտռել ազգասէր ծնողքի, հայկական վարժարանի, հայաշունչ ակումբի եւ հայատրոփ միջավայրի մէջ, ահա գերագոյն ճշմարտութիւնը, որուն մասին պէտք է շատ երկա՜ր մտածել, այդ ուղղութեամբ ճիգերը աւելի լարել, կամքերը կռանել, համոզումը արմատացնել, առկայ սխալները ընդունիլ ու սրբագրել, թերութիւնները քաջաբար մատնանշել, խեղճացած մտածումներէ ձերբազատիլ, հաւաքաբար նորոգուիլ, աւելի՛ հայանալ ու աւելի՛ ազգայնանալ:

Իսկ մեր ընկերը ինչո՞վ կը տարբերէր մնացեալներէն, եթէ ոչ իր սասունցիի ժառանգական կազմաւորումով, ըմբոստ ու խիզախ ոգիի ներկայութեամբ, ազգային արժէքներու եւ պատմութեան հանդէպ հաւատք եւ աչալուրջ մօտեցում ցոյց տալով,  դաշնակցական գիր-գրականութեան հանդէպ սէր ու յարգանք սնուցելով, իր ներկան ապրելով, բայց մանաւանդ` ապագայի մասին լրջօրէն ծրագրելով:

Ահա Մհերը, զոր ճանչցած ենք մենք` բոլորս, իր եզակի հոգեկերտուածքով եւ բիւրեղացած գաղափարապաշտութեամբ:

Քաջ հաւատացողն ենք, որ տարբեր վկայութիւններ, զորս արձանագրուած են մեր ընկերոջ մասին, ամենահարազատ, ամենաջերմ ու ամենավաւերական խօսքեր են` բիւրեղ ապրումներու եւ իրաւ զգացումներու իբրեւ արտայայտութիւն:

Կը ներկայացնենք փունջ մը ատոնցմէ, որոնք զարդարած են Մհերի սէգ ճակատը, փայլատակող միտքն ու ազնուասիրտ հոգին:

Փաստօրէն, ինչպէ՛ս չյուզուիլ ընթերցելով ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան մաս կազմող ընկերներու սա հոգեգրաւ խօսքը` ուղղուած իրենց վարիչին, թէ` հաւա՛տք, կա՛մք եւ նուիրում. այս երեք գաղափարներուն մէջ կարելի է յիշել ընկեր Մհերը: Իր գործի օրինակով եւ միտքերով ան մեզի տուաւ շունչ եւ առողջ դատողութիւն: Թող մարդիկ չկարծեն, թէ մենք այսօր ընկեր Մհերը կը յիշենք իր խօսքերով: Ո՛չ, մենք կը յիշենք մեր նահատակ վարիչը իր նայուածքով, գուրգուրանքով եւ գործով: Մեր մեծ եղբայրն էր ան, մեզի ուղի տուող ընկերը:

Պատանի ընկերուհի մը դիպուկ խօսքով եւ կենդանի շունչով բնորոշած է իրենց առաջին հանդիպումը վարիչ ընկերոջ հետ, կ՛ըսէ` ժողովի աւարտին, նախորդ վարիչը մեզի ներկայացուց նոր վարիչը` ընկեր Մհերը. բնաւ չեմ մոռնար այդ կարմրած, ամօթխած դէմքը. քիչ խօսեցաւ. կարծես բառերը կը փնտռէր, կարծես կ՛ամչնար: Արդէն այդ օրէն սկսանք յարգել ու սիրել մեր վարիչը` ընկեր Մհերը:

Աւելի անդին, ան կ՛աւելցնէ. մեր վարիչը գիտէր մեզի հետ վարուելու ձեւը, իր իւրաքանչիւր յանդիմանութիւնը շատ կ՛ազդէր մեր վրայ. ան որքան բարի ու հասկցող էր, նոյնքան խստապահանջ էր: Այսօր, չեմ յիշեր իր տուած դասախօսութիւնն երը, զեկուցումները, բայց կը յիշեմ, որ ան միշտ պատրաստ էր եւ միշտ բծախնդրօրէն կարդացած կ՛ըլլար իր խօսելիքին մասին:

Ահաւասիկ  դաշնակցական վարիչը, ընկեր Մհերը, որ գիտակից էր իր ստանձնած պարտականութեան լրջութեան եւ պատասխանատու հանգամանքին:

Արդարօրէն, հարց կրնանք տալ Մհերի մարդ կերպարին մասին, որուն նոյնքան արդարամտօրէն կը պատասխանէ զինք ճանչցող ընկեր մը, ըսելով` թէ ես կ՛ուզեմ նախ եւ առաջ նշել Մհերի մաքուր մարդկութիւնը: Բոլորը կը սիրէին Մհերը հաւանաբար անոր համար, որ ինք բոլորը կը սիրէր առանց պայմանականութեան: Այդ սէրն էր ի վերջոյ, որ զինք բերաւ Արցախ:

Ինչ կը վերաբերի Մհերի դաշնակցական կերպարին, իրեն հարազատ ընկեր մը, սա պարզ ու անկեղծ բառերով բնորոշած է զինք, ըսելով` ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան ատենապետ, ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ, թէ` Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամ, Մհերը ամէն բանէ առաջ դաշնակցական մարտիկ էր` նախաձեռնող, հնարամիտ, խիզախ, կարգապահ եւ լռակեաց: Քիչ անդին, կը շարունակէ, ըսելով` գործին արգելք հանդիսացող խոչընդոտները վարպետի ճարտարութեամբ, քայլ առ քայլ կը յաղթահարէր եւ ինքնավստահութեան ժպիտը դէմքին գործը կը հասցնէր յաջող աւարտի: Մհերի նշանաբանը եղան գաղտնապահութիւնն ու կարգապահութիւնը, կամ` դաշնակցական զինուորի այբուբենը:

Արդեօք վերոյիշեալ Մհերի հոգեմտային ու դաշնակցականի արժանիքներուն տրամաբանական հետեւութիւնը չէ՞ր, որ Մհերը կը մղէր ուսանելու, գիտական միտք զարգացնելու եւ ակադեմական տիտղոսի արժանանալու: Փաստօրէն, մեր ընկերը աւարտելէ ետք երկրորդականի ուսումը, արդէն կ՛ընդունուի Պէյրութի ամերիկեան համալսարան եւ հոնկէ կը ստանայ բնագիտութեան Պսակաւոր արուեստից վկայականը: Ան կ՛ուզէ իր ուսումը շարունակել, այս անգամ երկրաբանական բաժանմունքի դասերուն հետեւելով, որպէսզի այլազան բնագաւառներու մէջ հմտացած իր գիտական միտքը` ի սպաս դնէ հայրենիքի ծառայութեան:

Հապա՞ եթէ հարցնելու ըլլաք, Մհերի գիտական մտածումներուն շօշափելի արտայայտութիւնը, բնագիտութեան մարզի մէջ անոր հմտութիւնն ու հետազօտող միտքը, ապա, ատիկա կարելի է տեսնել անոր հրաշալի այն նախաձեռնութեան մէջ, երբ ան կը մշակէ թնդանօթներու համակարգչային կառավարման ծրագիր մը, որ իր աւարտին կը հասցնէ աւելի ուշ, նախքան իր նահատակութիւնը:

1992-ի դեկտեմբերին Մհեր կը տեղափոխուի Հայաստան: Եւ ահա կը սկսի մեր ընկերոջ կեանքի երկրորդ փուլը, որ թէեւ կ՛ըլլայ կարճատեւ, սակայն անիկա կը հանդիսանայ Մհեր Ջուլհաճեանի երազանքին գագաթը:

Գագաթ, որ կը նուաճէ իր համոզումով, նուիրումով, եռանդով, ծառայական ոգիով, բայց մանաւանդ` հայրենապաշտութեամբ:

Այո՛, հայրենապաշտութեամբ, որ վայել է միայն անոնց, որ գիտեն անմնացորդ տալ իրենց շրջապատին, գիտեն յոգնիլ ու տառապիլ, գիտեն զուլալ արեամբ ոռոգել հայրենի հողը, գիտեն անբիծ հոգեկանութեամբ օրինակ դառնալ հետագայ սերունդներու:

Եւ կը զարմանանք, թէ Մհերի նման դաստիարակուած տղաներ, գաղափարի նուիրեալներ, հաւատամքի ու երդումի տէր դաշնակցականներ, յանձն կ՛առնեն այնպիսի պատասխանատուութիւն, որ հազուագիւտ տղոց է վերապահուած: Այո՛, կը զարմանանք, թերեւս ալ անտեղի կ՛ափսոսանք, ինչ-ինչ պատճառաբանութիւն սրսկելով շուրջ բոլոր:

Սակայն, այդ տխրադէմ զարմանքն ու ափսոսանքը պէտք է ուղղենք մենք մեզի, սովորական մահկանացուներուս, որովհետեւ «Դէպի Երկիր» պատմական ու դաշնակցականավայել մտածումին, հրաւէրին, կոչին անսացին միայն քիչեր, շատ քիչեր` բաղդատած մեր համրանքին:

Ու այդ քիչերու շարքին եղաւ մեր ընկերը, որ հաւատաց իր ներքին վեհափառ ձայնին, հաւատաց իր ստացած ջինջ դաստիարակութեան, հաւատաց գաղափարի մարտիկներու արեան կանչին ու պատգամին:

Փաստօրէն, Հայաստանի վերանկախացումն ու Արցախի ազատագրական պայքարը հանդիսացան այն պատուանդանը, որուն վրայ քաջաբար ու առանց դոյզ երկմտանքի ուզեց իր անունը փորագրել գաղափարապաշտ մեր տղան,ապացուցելով իր կազմաւորման մեծութիւնն ու նախնեաց հանդէպ ունեցած սիրոյ ու յարգանքի բացառիկ իւրայատկութիւնը:

Մհերը ճանչցողները կը վկայեն, թէ ան ջերմապէս հաւատացողն էր հայ ազատագրական պայքարի էութեան եւ արժէքին, եւ այդ պայքարը ծաւալելու անհրաժեշտութեան տակ կը զգար ինքզինք եւ նոյն անհրաժեշտութեան տակ կ՛ուզէր տեղադրել բոլորը:

Ահա ապացոյց մը եւս ընդգծելու Մհեր Ջուլհաճեանի եզակի մտածումներուն եւ ապրումներուն գերազանց տիպականութիւնը: Այսինքն` մեր ընկերոջ նպատակը ո՛չ միայն հայրենիք երթալ էր, հոն բնակութիւն հաստատել, ընտանեկան բոյն շինել, իր ծառայութիւնը մատուցել, գիտական միտքը ի սպաս դնել` սերունդներու դաստիարակութեան, ի հարկին պատերազմական գործողութիւններու մասնակցութիւն բերել, այլ նաեւ` ճառագայթող եւ կենդանի օրինակ դառնալ ամբողջ ազգին, ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի:

Աւելի՛ն. ան կ՛ուզէր հայոց ազգային ազատագրական նորագոյն պայքարին տալ համաժողովրդային ու համազգային բնոյթ` հաւատալով նման ռազմավարական սկզբունքի կարեւորութեան ու անհրաժեշտութեան:

Չափազանցած չենք ըլլար եթէ կրկնենք, որ Մհերի հայրենապաշտութիւնը ինքնին դպրոց մըն է, չհինցող, չմաշող, ժամանակի թաւալքին տոկացող եւ ազգ մը ամբողջ դէպի յաւերժութիւն ու յաղթանակ առաջնորդող:

Իսկ ան ուրկէ՞ սորված էր, ներշնչուած ու ինքզինք դաստիարակած: Անվարան  պէտք է ըսել, որ Մհեր, գաղափարապաշտութեան ուսմունքը ժառանգած էր դաշնակցական մեծութիւններէ, որոնց կեանքն ու նուիրումը մէկական դպրոց է հանդիսացեր ու տակաւին է՛ մեզի` բոլորիս համար:

Բաւարար է յիշատակել, Արաբոյի, Սերոբ Աղբիւրի, Հրայր Դժոխքի, Նիկոլ Դումանի, Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի, Սպաղանաց Մակարի, դաշնակցական Խեչոյի, Սեւգարեցի Սագոյի, Արամի, Իշխանի, Բաբգէն Սիւնիի, Նժդեհի, Համազասպի ու բազում-բազում նուիրեալներու անունները, որոնք իրենց մտածումի եւ զոհաբերութեան, աշխատանքի եւ նուիրումի իւրայատուկ արտայայտութիւններով ստեղծեցին իրենց դպրոցը, որոնք, սակայն, միախառնուեցան, շաղախուեցան եւ դաշնակցութեան պատմութեան ձուլարանին մէջ բիւրեղացան, դառնալով հզօր  հաւատամքի, անկաշառ երդումի եւ դաշնակցական պանթէոնի աներեր սիւները:

Մեր սիրտը չի հանդարտիր տեսնելով Մհերի փոթորկող միտքն ու հոգին: Իսկ այդ պոռթկացող ձայնին ու սրտին ալեկոծումներուն` մենք կը հանդիպինք Մհերի գրած այնքան բովանդակալից նամակներուն մէջ:

Իսկապէս հետաքրքրական է իմանալ ու հարց տալ միանգամայն, թէ ան ե՞րբ է ժամանակ գտեր, կեդրոնացեր, միտքերը ամփոփեր եւ սպիտակ թուղթին յանձներ մհերեան մտորումներ, որոնք, ըստ իս, գոհարներ են, այն առումով, որ անոնք գրուած են հարազատօրէն, ջերմագին, սրտի խորերէն ճառագայթող եւ գիտական միտք սնուցող արտայայտութեամբ:

Կարդացէք ու պիտի համոզուիք, թէ Մհեր Ջուլհաճեանի 26-ամեայ միտքերը լիացած են մարդկայնութեամբ, ժողովրդասիրութեամբ, հայրենապաշտութեամբ, ծառայասիրական կորովով,  քաղաքական ու զինուորական գիտելիքներով, քննական մտածողութեամբ, ինքնաքննադատութեամբ ու մասամբ նորին:

Պարտք կը զգամ մէջբերել պարբերութիւն մը, որուն բովանդակութիւնը թէեւ կ՛առնչուի այդ օրուան, սակայն կը պահէ իր յաւերժահունչ թելադրականութիւնը, որովհետեւ ան պարուրուած է մհերեան մտքի ցոլքով եւ խոր համոզումով:

Արդարեւ, ձայնը տանք մեր տղուն, որ կ՛անդրադառնայ հայ երիտասարդին ու կ՛ըսէ. կորսուած են նախաձեռնելու, գործելու ամէն ձեռնհասութիւն, եւ դարձած ենք դիտող պարզ ամբոխ. երիտասարդութիւնը դարձած է պատեհապաշտ, այս կամ այն առիթներու եւ շահերու զոհ ըլլալով: Անհատականութիւններ գրեթէ գոյութիւն չունին, իսկ շատ մը անհատականութիւններ` հակադրուելով ուրիշներու,  կը ճզմուին եւ կը կորսուին խօսքերու եւ բամբասանքներու ծովու մը մէջ: Մէկ կողմէ կ՛որդեգրուին սկզբունքներ, միւս կողմէ կը գործուի սկզբունքներուն հակադրուող քայլերով:

Ճիշդ է, որ Մհեր Ջուլհաճեան ցաւով կ՛անդրադառնայ երիտասարդութեան պարզած իրավիճակին ու անոր պատճառներուն, այդուամենայնիւ, ան լռելեայն իր պատուական խօսքը կ՛ուղղէ մեզի` բոլորիս, անցեալի ու ներկայի ղեկավար ընկերներու, միութենական աշխատանքներ ստանձնած պատասխանատուներու, շարքայիններու, երիտասարդականի ու պատանեկանի միաւորներու, ըլլալու աւելի խոհեմ, շրջահայեաց, պատուախնդիր, սկզբունքային, հեզահամբոյր ու  յատկապէս առաջնորդուելու` դաշնակացական վսեմ արժէքներու մեծութեամբ:

Մհեր Ջուլհաճեան իբրեւ ակադեմական կրթութեան տէր ընկեր, ազգային կեանքի ելեւէջներուն քաջածանօթ երիտասարդ, դաշնակցական պատմութեան եւ Հայ դատի գաղափարախօսական արժէքներու հաւատացող անհատ չէր կրնար լուռ մնալ` տեսնելով իր շուրջը պատահող տխուր երեւոյթները:

Փաստօրէն, տարբեր առիթներու գրուած եւ կարգ մը ընկերներու ուղղուած իր նամակներուն մէջ Մհեր կ՛անդրադառնայ Հայաստանի թէ Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող ընկերային, տնտեսական, քաղաքական թէ դաստիարակչական հարցերու: Ան, իր մասնակցութիւնը բերելով հանդերձ արցախեան ազատագրական պայքարին, կը նշէ, կ՛ուզէ լոյսին բերել նաեւ պատերազմի գործած բարոյական ու հոգեբանական աւերները, անկումները եւ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ այս առումով: Աւելի՛ն. ան ո՛չ միայն կը մատնանշէ, կը քննադատէ, այլեւ կը փոխանցէ իր պատկերացումները, մտածումներն ու նման ախտերէ ձերբազատելու ճանապարհը:

Ահա այս է գիտական միտք ու անաչառ դատողութիւն ունեցող դաշնակցական երիտասարդի մը կերպարը, տեսակը, աշխարհահայեացքը:

Այս առիթը պատեհ գտնելով, խօսքս կ՛ուղղեմ Մհերին եւ իրեն ճամբով եւ թոյլտուութեամբ մեզի` բոլորիս, յատկապէս` դաշնակցական երիտասարդութեան:

Սիրելի՛ ընկեր Մհեր, 25 տարի է դուն բացակայ ես մեր շրջապատէն, տունէն, ընտանիքէն եւ պաշտած միջավայրէդ: Բացակայ ես մարմնովդ, սակայն կենդանի ես քու բացառիկ տիպարովդ: Դուն, իբրեւ գաղափարի զինուոր, ստեղծեցիր քու կեանքի ճանապարհը եւ հպարտօրէն քալեցիր այդ ճամբէն:

Դուն եղար նոր օրերու վիպապաշտ տղան, որ գիտէ իր սեփական հեքիաթը հիւսել եւ ատով ապրիլ յաւիտեան: Դուն, քու խանդավառ հայրենասիրութեամբդ վարակեցիր շրջապատդ եւ ճախրեցիր դէպի Երկիր, հայոց աստուածներու բնօրրան, հոն կառուցելու երազանքիդ բոյնը: Դուն տեսար վեհափառ Արարատը, հրճուեցար անոր գագաթին վառող կանթեղով եւ ուզեցիր մաս կազմել անոր ճառագայթներուն:

Դուն եղար տիպար դաստիարակ, որ խօսքը գործի վերածեց, գաղափարը` շունչի, մտածումը` ամէնօրեայ աշխատանքի, կեանքը` գիտակցական արժէքի:

Դուն կրցար քու հաւատարմութեամբդ կամրջել հոգիները, քով-քովի բերել թոյլ կամքերը, իրարու շաղկապել անցեալի ու ներկայի ֆետայական հերոսութիւնը:

Դուն ուզեցիր յիշեցնել, որ հայոց բազմաչարչար պատմութիւնը, հայրենիքի կորուստն ու սուրբ նահատակներու պատգամը գիրքերու մէջ գրուած լոկ խօսքեր չեն, այլ անոնք մեր արեան բաղադրութեան մաս կը կազմեն, պէտք է կազմեն, որպէսզի անոնցով հունաւորենք մեր հաւաքական կեանքի ընթացքը:

Դուն կեանքովդ ցոյց տուիր սիրոյ, յարգանքի եւ երախտագիտութեան այնպիսի բարձունք, որուն ձգտելու յանձնառութեամբ զինուած կ՛ըլլան բոլոր անոնք, որոնք  ունին գաղափարապաշտի քու տեսակդ:

Դուն, մեր կենդանի քարոզիչն ես, ու պիտի մնաս իբրեւ այդպիսին, որովհետեւ, ինչպէս ըսած է ինք` դաշնակցական մտքի ու գործի հսկայ Վահան Նաւասարդեան, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան քարոզիչները առաջին հերթին իր մեռելներն են, նահատակները:

Դուն, քու սրտիդ զարկերը ագուցեցիր հրաշալի այն բոլոր տղոց սրտերուն, որոնք արիաբար, պայծառ դէմքով եւ մեծահոգութեամբ դիմակայեցին թշնամի հորդաներու փամփուշտներն ու ռումբերը եւ ժպիտով ընդունեցին ստորնացած մահը:

Այո՛, դուն քու նուիրեալ ընկերներուդ հետ միասին, դիւցազո՛ւն ընկեր, ձեր հարուածող բազուկով զգետնեցիք թշնամին ու մահը միանգամայն, եւ Արարատի ու Մռաւ լեռներու գագաթին պարզեցիք հայոց եռագոյնը:

Դո՛ւն, սիրելի՛ ընկեր, պիտի մնաս բոլորիս ու յատկապէս դաշնակցական երիտասարդութեան կողմնացոյցը, որպէսզի մեր դժուարին օրերուն, խարխափումի ատեն, տկար ու խեղճացած պահերուն, թուլացած կամքի, անտարբեր վիճակներու թէ բարոյալքուած ժամերուն, կանգնիս մեր կողքին, զգաստութեան հրաւիրես մեզ, տէր ըլլաս մեր ճակատագրին եւ մեզ առաջնորդես դէպի ապահով հայրենիք:

Իսկ դո՛ւք, դաշնակցական երիտասարդնե՛ր, արդեօք պիտի բաւարարուի՞ք նման հանդիսութիւններ կազմակերպելով, թէ` պիտի ուխտէք, ամէն քայլափոխի տէր կանգնելու Մհերի, Վիգէնի, Թաթուլ Կրպէեանի, Վարդան Բախշեանի, Կարօտի, Պետոյի, Դուշմանի, Շահէ Մեղրեանի, Բեկորի, Արթիւր Մկրտչեանի եւ հարիւրաւոր նուիրեալներու արժանապատուութեան ու պատգամին:

Դո՛ւք` ԼԵՄ-ական ընկեր-ընկերուհինե՛ր, ձեր քաղաքակիրթ ու գաղափարական  կեցուածքով, գիտական միտքով եւ յանձնառութեամբ զինուած, արդեօք, ձեր ազնիւ պարտաւորութիւնը չէ՞ք յամարեր, պատասխանելու բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուզեն նսեմացնել դաշնակցական նահատակ հերոսներու փառքը:

Դո՛ւք` դաշնակցական ուսանող միաւորնե՛ր, արդեօք մտածեցի՞ք ստեղծագործ աշխատանքով, հպարտօրէն եւ նախանձախնդիր ոգիով զգաստութեան հրաւիրել բոլոր այն մտքով գագաճները, փողոցի ու լկտի դաստիարակութեամբ յագեցած, այսպէս ըսած, հայանուն երիտասարդները, լպիրշ հոգիով մեծցած նորելուկ տղաները,  որոնք տարուած են հակադաշնակցական մոլուցքով, կը շնչեն, ցաւ ի սիրտ, հայրենի հողին վրայ ու առիթ չեն փախցներ իրենց սեւաթոյր մաղձը թափելու  աստուածացած նահատակներու հանդէպ:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ Մհերները մեզի սորվեցուցին ըլլալ գաղափարի զինուոր եւ բարձր հոգիի տէր անհատներ: Մհերներու ուսմունքը չ՛արտօներ մեզի ըլլալ անոնց նման հտպիտներ, դաւաճաններ ու ապազգային մարդուկներ:

Մհերն ու մեր նահատակ ընկերները եթէ երբեք ունին պատասխան, այդ ալ` իրենց դաշնակցականի երդումն է, անտեղիտալի ու անսակարկելի: Դաշնակցականի երդում, որ այս օրերուս, ցաւօք սրտի, շատերու համար եղած է զբօսանք, առեւտուրի միջոց, անձնական կիրքեր յագեցնող կրկէս:

Գիտեմ, սիրելի՛ Մհեր, որ այս պահուս անգամ կը նեղանաս մեր արտասանած խօսքերուն համար. օր մը պիտի յանդիմանես մեզ նման շռայլ արտայայտութիւններու ի լուր, որովհետեւ ողջուց չէիր հանդուրժեր ցուցամոլի թէ փառասէրի ամէն արտայայտութիւն, ընդհակառակը, լռակեաց, ժուժկալ եւ համբերատար էիր, իրաւ գործի հաւատացող ընկեր, իսկ գաղտնապահութիւնը կը դաւանէիր իբրեւ համոզում եւ ապրելու ձեւ:

Այսօր, սիրելի՛ ընկեր, դուն կը հանգչիս Եռաբլուրի բարձունքին, որ դարձած է ամբողջ հայութեան սրբատեղին: Կը յիշեմ, թէ առիթով մը հայ մամուլի էջերուն ընթերցած եմ տասնամեայ Արմանի սա գերազանց տպաւորիչ խօսքը, որ խումբով բարձրացեր էր Եռաբլուր, ծառատունկի աշխատանքին մասնակցելու:

Երբ տասը տարեկան Արմանի հարց կը տրուի, թէ ի՞նչ են իր մտածումներն ու զգացումները, ան, տիրական շունչով կը պատասխանէ, թէ` Եռաբլուրը իրեն համար ոչ թէ գերեզմանատուն է, այլ` զօրանոց, ուր կը հանգչին մեր անմահ հերոսները: Այստեղ, ուր մեր հերոսներու հոգիներով լեցուած է, պէտք է ըլլայ կանաչ ու գեղեցիկ, շեշտած է ան:

Այո՛, սիրելի՛ Մհեր, դուն, նահատակ ընկերներուդ հետ միասին արժանացար փառաց պսակին եւ միացար հայութեան ու հայրենիքին պատիւը բարձր պահող տիտաններու փաղանգին:

Մենք պիտի յիշենք ձեզ, պիտի ապրինք ձեզմով, պիտի ներշնչուինք ձեր սուրբ արարքով, պիտի ոգեւորուինք ձեր գաղափարականի բարձունքով ու պիտի երդուենք հաւատարիմ մնալու ձեր ձայնին, կանչին ու հաւատամքին:

Պիտի ուխտենք, ամէն առիթի, ինչպէս այս պահուս, ձեր յիշատակը կանաչ ու գեղեցիկ  պահել մեր սրտերուն մէջ:

Այո՛, դաշնակցական նահատակ ընկերներ, կ՛ուխտենք միշտ բարձր պահել ձեր անունն ու սխրանքը, հակառակ ներքին ու արտաքին բազմաթիւ ու այլազան դժուարութիւններու, մտահոգութիւններու եւ մարտահրաւէրներու:

Սիրելի՛ Մհեր, հաւատացողն ենք, որ ԼԵՄ-ի ընկերներն ու ընկերուհիները, նաեւ մենք` բոլորս պիտի շարունակենք տիրութիւն ընել մեր դաշնակցականի կոչումին, յիշել ու յիշեցնել, թէ պիտի չմոռնանք սուր նայուածքդ, որ մեզ միշտ զգաստութեան պիտի հրաւիրէ, պիտի չմոռնանք սխրանքիդ մեծութիւնը, որ մեզի պատուախնդրութիւն պիտի սորվեցնէ, պիտի չմոռնանք դաշնակցական երդումիդ տէր կանգնելու հզօր ուժդ, որ մեզ միշտ ամուր պիտի պահէ:

Դուն պիտի մնաս մեր ընտանիքին անդամը, դաշնակացական ընտանիքի, ու հայութեան ընտիր զաւակը, մենք թէեւ կարօտցած ենք քեզ, շա՜տ կարօտցած, բայց միշտ պիտի յիշենք բարի ժպիտդ, ազնուական հոգիդ, լեռնացած կամքդ:

Փա՛ռք քեզ, սիրելի՛ ընկեր:

 

Ակնարկ. Պատժամիջոցներու Կաթիլային Գործողութիւններ

$
0
0

Միջազգային, ամերիկեան եւ թրքական լրահոսերուն եւ անոնց առընթեր ողողուող մեկնաբանութիւններուն հետեւողները կը ստանան այն տպաւորութիւնը, որ Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններու վատթարացումը նոր գագաթ կը նուաճէ: Փոխսպառնական յայտարարութիւնները պաշտօնական մակարդակներու վրայ կը գլեն կ՛անցնին ընդունելի սահմանները` ծխածածկոյթ մը ստեղծելով բուն գործընթացներուն վրայ: Յայտարարութիւններն ու անոնց ընդառաջ առնուած փոխպատժիչ քայլերը համարժէք չեն իրար:

Մինչ այժմ, հակառակ թշնամական կարգավիճակներու հասնող սպառնալիքներուն, գետնի վրայ, տնտեսական պատժամիջոցները կաթիլային գործողութիւններու բնորոշումը ունին:

Այսպէս. Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ օգոստոս 10-ին յանձնարարած է կրկնապատկել Թուրքիայէն ստացուող պողպատի եւ ալիւմինիոմի մաքսատուրքերը` զանոնք համապատասխանաբար բարձրացնելով 50 եւ 20 տոկոսի: Ի պատասխան` Էրտողան յայտարարած է ամերիկեան ելեկտրական սարքաւորումներու  պոյքոթի մասին եւ բարձրացուցած Միացեալ Նահանգներէն ներածուող  շարք մը  ապրանքներու մաքսատուրքերը:

Միացեալ Նահանգներէն ծխախոտի ներածման մաքսատուրքը աւելցուեցաւ 60 առ հարիւրով, ոգելից ըմպելիինը` 140 առ հարիւրով, ինքնաշարժներունը` 120 առ հարիւրով: Աւելցած են բրինձի, միրգերու եւ շարք մը այլ ապրանքներու ներածման համար մաքսատուրքերը:

Ծխածածկոյթը կը գոյանայ ալիւմինիոմ ընդդէմ ծխախոտ մաքսատուրքերու կաթիլային գործողութիւններով, ինչ որ իր հերթին լիարժէքօրէն կը շահարկուի այս պարագային Անգարայի կողմէ ո՛չ միայն Թեհրան-Մոսկուա-Անգարա մերձեցման առանցքը ընդգծելով եւ անկէ բխած զինուորաքաղաքական ծրագիրներ իրականացնելով, այլ նաեւ դէպի Եւրոպա շրջադարձեր ապահովելու փորձեր կատարելով:

Այսպէս. Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարարը իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին հետ այս օրերուն կը քննարկէր ամերիկեան պատժամիջոցներուն հակազդելու հարցը. համաձայնութիւն կը գոյանար 27 օգոստոսին հանդիպում ունենալու Փարիզի մէջ: Նախարարները քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան եւ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն հակազդելու հարցերը:

Այստեղ ի հարկէ շարժիչ գործօնի դեր ունի նաեւ Ֆրանսայի ապրած տնտեսական ճգնաժամը: Միաժամանակ մտածումի դուռ կը բացուի այն մասին, որ Փարիզը ներկայ պայմաններուն մէջ ի հեճուկս Ուաշինկթընի Անգարայի հետ միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու ինքնուրոյն քայլի դիմելու կարելիութիւնները կ՛ունենա՞ր, եթէ Ուաշինկթընը Իրանի եւ թէկուզ Մոսկուայի բացարձակութեամբ մօտենայ Անգարան պատժելու իր քաղաքականութեան մէջ:

Անգարան սակայն լիարժէքօրէն կ՛օգտագործէ պատժամիջոցներու ծխածածկութաւորուած իրավիճակը Քաթարը ներքաշելու համար Թուրքիոյ մէջ միլիառաւոր տոլարներու հասնող ներդրումային ծրագիրներ իրականացնելու համար. կամ` Ուաշինկթըն-Փեքին լարուած յարաբերութիւններու պահու օգտագործումով Չինաստանի ուղղութեամբ տնտեսական քաղաքականութեան թափ տալու յայտարարութեամբ:

Մեթիու Պրայզայի յայտարարութիւնը, թէ` Ուաշինկթըն Անգարան կորսնցնելով միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ կը կորսնցնէ իր իսկ ազդեցիկութիւնը, պաշտօնակա՛ն տեսակէտ է` տրուած ըլլալով, որ  Պրայզան կը զբաղեցնէ արտաքին գործոց նախարարութեան կարեւոր բաժանմունքի ղեկավարի պաշտօնը:

Պողպատի եւ ալիւմինիոմի մաքսատուրքերու բարձրացումներով ըստ էութեան Ուաշինկթընը կը նպաստէ Անգարային թէ՛ Միջին Արեւելքի մէջ իր դիրքերու պահպանման, թէ՛ Եւրոպայի ուղղութեամբ շրջադարձային փորձ կատարելու եւ թէ՛ քաթարեան ծրագիրները Թուրքիա հրաւիրելու, կամ Չինաստանի ուղղութեամբ տնտեսական քաղաքականութեան առաստաղը բարձրացնելու:

Որոշ ժամանակ ետք, չի բացառուիր, որ ֆինանսատնտեսական փորձագիտական բացատրութիւններ տրուին, թէ ինչպ՞էս արժեզրկումի միեւնոյն կշռոյթով թրքական լիրան վերարժեւորուեցաւ:

«Ա.»

Արմենակ Եւ Էլպիս Տուրիստական Առաջնորդով Էջմիածին Գացած Են

$
0
0

ՄԱԿԱՐ

Արմենակին հետ գրատուներ շրջելէ ետք, կանգ առինք Երեւանի տուրիստական սրճարաններէն մին:Կու գան արդիականացածներ:Կը կարծէք, որ Լոսում էք: Լոսէն եկողներ եւ Լոս երթալու պատրաստուողներ:

Երեւանը կարելի չէ վայելել առանց պաղպաղակի տօնահանդէսի: Զարդարուած բաժակներու առջեւ նստած` զրուցեցինք:

Այս օրերուն Երեւանը կը պատկանի տուրիստներուն, սփիւռքահայեր, հայրենիքը կարօտցած եւ ցուցադրութեան համար եկած արտագաղթածներ, բազմացեղ մարդիկ եւ կիներ: Տուրիստական պիզնեսը փայլուն է:

Սպասեցի, որ Կեդրոնականցին պատմէ, ինչ որ մենք եւ երջանիկ տուրիստներս չենք լսեր եւ չենք տեսներ, հայրենասիրական կուրութեամբ:

Արմենակ եւ Էլպիս տուրիստական ընկերութեան մը փոքրիկ հանրակառքով Էջմիածին գացեր են: Առաջնորդ շնորհալի օրիորդը անդադար խօսած է, անգլերէն եւ ռուսերէն երկար բացատրութիւններ տուած է, երբ հասած է հայերէնի, իր խօսքը կրճատած է, ամփոփած:

– Դիտել տուի, որ ինչո՞ւ անգլերէնով եւ ռուսերէնով երկար կը խօսի, իսկ հայերէնը կարճի կը կապէ: Ան ըսաւ, որ հայերէնով յետոյ կ’ամբողջացնէ: Մակա՛ր, գիտես, ռուսերէնը մայրենի է, իսկ անգլերէնով դասակարգ կը փոխենք, ան պիզնեսի յաջողութիւնը կ’երաշխաւորէ:

– Արմենա՛կ, կը յիշե՞ս Ամերիկա հաստատուած գիտակից հայուհիի մը խօսքը, որ` «ամուսինս անգլերէնը չսորված` հայերէնը մոռցաւ»:

– Հասանք Էջմիածին: Զարմացայ: Ուղեկցող օրիորդը չէր գիտեր, թէ ի՛նչ կը նշանակէր Էջմիածին: Իրեն առանձին ըսի, տուրիզմի գործը չխանգարելու համար: Երբ ճամբայ պիտի ելլէինք, հայերէն հասկցողներուն ըսաւ, որ էկսկուրսիան պիտի տեւէր հինգ ժամ, բայց անգլերէնի խօսքին մէջ չըսաւ արշաւը: Չեմ գիտեր, ի՛նչ ըսաւ ռուսերէն:

– Սովետէն մնացած ախտ է, անբուժելի, դուն քեզ մի՛չարչարեր:

– Մինչեւ երէկ անյոյս էի: Բայց Հայաստանի մշակոյթի նոր նախարարը յայտարարեց, որ պէտք չէ աղարտել հայերէնը: Չհասկցայ, թէ եղած աղարտները պիտի պահուի՞ն եւ միայն նորե՞րը պիտի մերժուին, թէ՞ հերքիւլեան ճիգով մը բոլոր աղարտներէն պիտի սրբուի գրուած եւ խօսուած հայերէնը: Եւ սկսելու համար, իր պաշտօնակիցներէն, նաեւ վարչապետէն եւ ինքնիրմէ պիտի պահանջէ՞ կեղծ մոդեռնիզմ բուրող թիմէն եւ դուխէն հրաժարիլ, որպէսզի Աշտարակի վարժապետը չըսէ, որ ձուկը գլխէն կը հոտի:

– Քանի որ շատ կը սիրենք խորհրդաժողովները եւ յանձնաժողովները, բանիմացներ հրաւիրել, սիթիզըն եղած բոլոր աղարտները ցուցակագրել` առանց անոնց կուտակումը լեզուի յառաջդիմութիւն համարելու, եւ կացինով անարիւն յեղափոխութիւն մըն ալ հոն ընել: Համարձակ ես, գնա՛ եւ նախարարին դուռը բախէ՛:

– Ի՞նչ պիտի ընեմ, եթէ դռնապանը զիս սփիւռքի խեւ համարէ եւ դուռը երեսիս փակէ:

17 օգոստոս 2018, Երեւան

Անոր Յօդուածները Գրուած Են Տարիներ Առաջ, Բայց Կարծես Գրուած Են Այսօրուան Համար. Վահան Յովհաննիսեանի Որդին` Հօր Մասին

$
0
0

Վահան Յովհաննիսեան քաղաքական գործիչն ու մտաւորականը բոլորին ծանօթ է, սակայն քիչերը գիտեն անոր հայր կերպարի մասին:

«Հիանալի հայր էր: Ան կրցաւ տալ այն ամէնը, ինչ հայրը պէտք է տայ իր որդիին` դաստիարակութիւն, կրթութիւն, արժէքներ».«Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Վահան Յովհաննիսեանի մասին ըսաւ Հայկ Յովհաննիսեանը, որ հօր ծննդեան տարեդարձին առիթով ընտանիքին հետ նոյնպէս այցելած էր անոր շիրիմը:

«Հօրս գործունէութիւնն ու կեանքն այնպէս դասաւորուած էր, որ ինքն իր ընտանիքի կեանքէն շատ երկար ժամանակահատուած բացակայած է: Երեք-չորս տարեկան էի, երբ արցախեան շարժումը սկսաւ, եւ այդ ժամանակներէն սկսած` անընդհատ հօրս բացակայութիւնը նկատած եմ, բայց, միաժամանակ, կը հասկնայի, որ ինք ինչ-որ կարեւոր գործի, կարևոր առաքելութեան վրայ է: Սկիզբը արցախեան շարժումն էր, յետոյ` քաղաքական կեանքը Հայաստանի մէջ, այնուհետեւ` 90-ականներու կէսերուն, այն ժամանակուան վարչակարգի կողմէ անոր ձերբակալութիւնն էր, երեք տարի բանտին մէջ, յետոյ` նորէն վերադարձը քաղաքական ասպարէզ. միշտ այդ բացակայութիւնը եղած է, բայց, ատոր զուգահեռ, այն կարճ ժամանակահատուածները, որոնք մենք յաջողցուցած ենք անոր հետ անցընել, ան կրցած է ճիշդ արժէքներ եւ ճիշդ դաստիարակութիւն սերմանել իմ եւ իմ ընտանիքին մէջ», ըսաւ Յովհաննիսեանը:

Ան նշեց, որ, այնուամենայնիւ, երբեք չէ ափսոսացած հօր բացակայութիւններուն համար: «Երբեք չեմ ըսեր` վա՜յ, ափսոս® Ի հարկէ ցաւալի էր, որ երկար ժամանակ կը բացակայէր, բայց այն գիտակցութիւնը կար, որ ինքը կարեւոր առաքելութիւն  կ՛իրականացնէր», նշեց Հայկը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ գնահատականներ կու տար Վահան Յովհաննիսեանը, եթէ խօսէր այս օրերու մասին, Հայկը պատասխանեց. «Ես այսօր տարբեր տեղերէն կը լսեմ, որ անոր բացակայութիւնը բաւական կը զգացուի թէ՛ կուսակցութեան մէջ, թէ՛ Հայաստանի քաղաքական կեանքին: Յաճախ ընկերներս կը հարցնեն` «Ի՞նչ կ՛ըսէր Վահան Յովհաննիսեանը այսինչ իրադարձութեան կամ իրավիճակի մասին». ի հարկէ, դժուար է ըսել, թէ ինք ի՛նչ կ՛ըսէր, բայց ես կը կարծեմ` անոր գաղափարներու հետ հաղորդակից ըլլալու լաւ ճանապարհ մը կայ, այն է` անոր ձգած յօդուածները, մտաւոր ժառանգութիւնը կարդալը: Մասնաւորապէս` անոր յօդուածաշարը, որ կը կոչուի «Մայրամուտ, որը հարկաւոր է կասեցնել»: Ճիշդ երէկ այդ մէկը կարդացի եւ այնպէս զգացի, որ այսօրուան մասին կը խօսի: Եւ վստահ եմ, որ այսօր հայաստանեան ներքաղաքական տարբեր բևեռներու վրայ գտնուող մարդիկ, նոյնիսկ այդ բառը չվախնամ ըսելու` «բարիկադներու» հակառակ կողմը գտնուող մարդիկ, իր գրածներէն կրնան որոշակի արժէքաւոր խորհուրդներ քաղել: Կը կարծեմ` այդպէս կարելի է հասկնալ, թէ ինք ի՛նչ կ՛ըսէր, կամ ի՛նչ կը մտածէր: Այդ յօդուածները գրուած են տարիներ առաջ, բայց, կարծես գրուած են այսօրուան համար»:

Թունուզը` Իբրեւ Միջին Արեւելքի Եւ Հիւսիսային Ափրիկէի Մէջ Լայնամտութեան Օրինակ

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Երկուշաբթի, 13 օգոստոս 2018-ին, Թունուզի մէջ Կիներու ազգային օրուան առիթով, Թունուզի նախագահ Պեժի Քայիտ Սիպսի յայտարարեց, որ պիտի ապահովէ նիւթական ժառանգութեան հաւասար բաժանում`երկու սեռերուն միջեւ, նշելով միաժամանակ, որ իբրեւ նախագահի` իր պարտականութիւնն է միացնել բոլոր թունուզցիները եւ ոչ թէ բաժնելզանոնք:

Երկու սեռերուն միջեւ դրամական ժառանգութեան հաւասար բաժանումը կը նկատուի մեղք` ըստ կրօնամէտ շրջանակներուն, որոնք այս քայլը կը դիտեն իբրեւ հակադրութիւն իսլամական շերիաթին: Նախագահը իր կարգին շեշտը դրաւ Թունուզի քաղաքացիական ուղղութեան եւ նկարագիրին վրայ:

Օգոստոս 2017-ին Թունուզի նախագահ Սիպսին կազմեց «Անհատական ազատութիւններու եւ հաւասարութեան յանձնախումբ»-ը: Յանձնախումբը իր կարգին պատրաստեց 300 էջնոց տեղեկագիր մը, ուր նախագահին առաջարկուեցաւ դիմել բարեկարգումներու` յանուն կիներու իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու յառաջընթացին:

«Անհատական ազատութիւններու եւ հաւասարութեան յանձնախումբ»-ը նիւթական ժառանգութեան հաւասար բաժանումէն զատ` նաեւ առաջարկեց այլ բարեկարգումներ, որոնցմէ գլխաւորներն են, օրինակ` հաւատադրժողութեան (թաքֆիր) ջնջում, խղճի ազատութեան ապահովում, այլոց նկատմամբ կրօնական անհանդուրժողականութեան, խտրականութեան կամ բռնութեան քրէականացում, սեռային հաւասարութիւն եւ հաւասար հարկային համակարգ` առանց կրօնի կամ սեռի խտրութեան:

Իբրեւ արձագանգ նախագահի որոշումին` երկու սեռերուն միջեւ նիւթական ժառանգութեան հաւասար բաժանումին եւ «Անհատական ազատութիւններու եւ հաւասարութեան յանձնախումբ»-ի առաջադրած բարեկարգումներուն, հազարաւոր ցուցարարներ փողոց իջան իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու: Ցուցարարները իրենց կարգին բարձրացուցին նշանաբաններ, որոնք շեշտը կը դնէին Թունուզի քաղաքացիական նկարագիրին վրայ, ինչպէս` «Չկայ հանրապետութիւն` առանց ազատութեան» եւ «Ոչ մէկ ֆաթուա եւ ոչ մէկ հանրաքուէ` կիներու իրաւունքներուն շուրջ»:

Կ՛արժէ յիշեցնել նաեւ, որ Թունուզ սկսաւ դիմել ընկերային բարեկարգումներու` Հապիպ Պուրկիպայի նախագահութեան օրերէն սկսեալ: Պուրկիպան արգիլեց բազմակնութիւնը, օրինականացուց վիժումը, հաստատութենականացուց ամուսնութիւնն ու ամուսնալուծումը պետականօրէն (իսլամական կանոններէն դուրս): Այսպիսով, Թունուզը դարձաւ լայնախոհութեան, կիներու իրաւունքներու պաշպանութեան եւ լայնամտութեան յառաջատարը արաբական աշխարհին մէջ:

Քայլ պահելու համար դարու ոգիին հետ, այլեւս ժամանակը եկած է Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի պետութիւններուն` դիմելու ընկերային բարեկարգումներու` բարելաւելու համար լուսանցքայնացուած խմբաւորումներու իրաւունքները, ինչպէս` կիներու, կրօնական-դաւանական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, վերջ դնելով ցեղապաշտական, կրօնական անհանդուրժողականութեան եւ հայրիշխանական օրէնքներուն:

 


Յեղափոխական Ազնուագոյն Նկարագրով…

$
0
0

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր

Երկար մի ժամանակաշրջան վայրի լիպերալիզմի մոտելներով քաղաքական յղփացածնների մօտ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ հասկացողութիւնը խեղաթիւրւում էր որպէս, մեղմ ասած, «ժամանակավրէպ ռոմանթիզմ»…

Վայրի լիպերալամէտների ինչպէս քաղաքական, այնպէս էլ ե՛ւ տնտեսական ե՛ւ քաղաքակրթական-սոցիալական «արժէքային համակարգերն», ահաւասիկ, յօդս ցնդած կեղծարարութիւններ են…

* * *

Հայաստանի վերանկախ հանրապետութեան 3-րդ տասնամեակի նախավերջերին իրականացուել է թաւշեայ կոչուող յեղափոխութիւն, որի առանցքում իր անհերքելի հետքը թողեց արդիական մտքի կրող երիտասարդութիւնը, որն «արժէքային համակարգի» գործիքակազմ էր որդեգրել միեւնոյն յեղափոխական եղանակը: Այլ խօսքով, յեղափոխական գործը արդիւնաւորուեց անարիւն ու համակարգային փոփոխութեամբ, իսկ սա, փաստենք, մեծագոյն ձեռքբերումն էր համաժողովրդական արդար պայքարի: Պայքար, որն ի զօրու կը լինի նուաճել նոյնպէս նպատակային-գաղափարային` «Նոր Հայաստան» արժէքային համակարգի համազգային վաստակը, եթէ, անշուշտ, այդ պայքարի մեթոտաբանութիւններն ու միջոցները պահպանեն իրենց թաւշեայ ոճը եւ չվերածուեն յատկապէս ինքնանպատակ ու անկառավարելի քայլերի, որոնք էլ սրընթացօրէն կաշխատեն ի վնաս նոյն յեղափոխութեան… յեղափոխութիւն, որն օրինաչափօրէն իրականացուել է ոչ թէ «ընդդէմ», այլ «յանուն» սկզբունքների:

Ու թերեւս, մերօրեայ հայ երիտասարդութեանը, առաւել քան երբեւէ, հարկաւոր է առնչուել ու ականջալուր լինել հայկական յեղափոխութեան տիտանների արժէքային ու մշտապէս կենսունակ խորհուրդ-պատգամներին, որոնցից մէկն էլ, ահա, զարդարում է մեր այսօրուայ էջը` «օրուայ պատգամ» վերտառութեամբ…

 

Ազատ Խոհեր` Ժողովրդայնացման Մասին Ընդհանրապէս

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 17 օգոստոսի Հանրապետութեան հրապարակի տպաւորիչ հանրահաւաքի ընթացքին արտասանած ճառը վերջին տասնամեակներու ընդհանուր սահմանումով ամէնուրեք զարգացող populiste քաղաքական խօսքի նմուշ մըն էր: Ոչ միայն հայկական:

Վերանկախացած Հայաստանի պետութիւնը, հայ ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), զգացական-յուզական երջանկացնող վիճակներէն հեռանալով` իմաստուն վերաբերում եւ գնահատում պէտք է ունենան երկրի եւ ժողովուրդի հարցերուն, ներկային, ապագային եւ պատմութեան մասին, երբ շատ արագ կ’ընթանայ ժամանակը, եւ կը փոխուին յարաբերութիւնները` ներազգային եւ միջազգային:

Փնտռեցի populiste եզրին հայերէնը: Չգտայ: Բառարան մը պարզապէս գրած էր ՊՈՊՈՒԼԻԶՄ: Դիմեցի այլ լեզուներով տրուած սահմանումներու: Կ’ըսուի, թէ ան քաղաքական ամբոխավարական ձգտում մըն է` ժողովուրդի շահերը պաշտպանելու միտող: Նոյնիսկ գրականութեան, նկարչութեան եւ շարժանկարի արուեստին մէջ ան հետամուտ է ցոյց տալու ժողովրդական միջավայրի պատկերը: Փորձենք բաւարարուիլ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅՆԱՑՈՒՄ եզրով` զայն յստակօրէն տարբերելով ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆէ եւ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷ, սպասելով, որ հայերէն քաղաքական բառապաշարին մէջ յայտնուի աւելի ճիշդ եզր մը` չբաւարարուելով ՊՈՊՈՒԼԻԶՄ վարձու բառով:

Ժողովրդայնացում-populisme երեւոյթը ուսումնասիրութեան առարկայ եղած է: Առաջին եզրակացութիւն մը կ’ըսէ, որ «ժողովրդայնացման քաղաքականութիւն մը կը յատկանշուի երեք հիմնական յուզումներով` վախը, զայրոյթը եւ մտերմութիւնը: Ան կը ներկայանայ զանազան արտայայտութիւններով` զգացումի, անձկութեան եւ զայրոյթի (ընդվզումի):

Ուսումնասիրողներ կ’ըսեն, որ վախը հիմնական գործիքն է ժողովրդայնացման ընթացք որդեգրած ղեկավարներու ճառին, որ կը ձգտի ստեղծել ներքին եւ արտաքին թշնամիներ` անոնց վրայ բեւեռելով ուշադրութիւնը, կ’օգտագործէ զգացական ազդակներ` յառաջացնելով մտածման եւ դատումի շփոթներ, որոնք կը կրծեն ժողովրդավարութիւնը եւ կը սահին դէպի անհանդուրժողութիւն` ստեղծելով սեւի եւ ճերմակի հակադրութիւն: Երեւոյթը համատարած է, կ’արտայայտուի մերժումներով` կրօնական, ծագման, գոյնի, ինքնապաշտպանութեան պիտակի տակ:

Եւրոպան սարսափ կ’ապրի` վախնալով, որ գաղթականական ալիքները կրնան արմատապէս փոխել իր աւանդական-պատմական- քաղաքակրթական-մշակութային բնակչութեան կազմի ինքնուրոյնութիւնը եւ կրօնամշակութային դիմագիծը, որուն պատճառով բնազդական ինքնապաշտպանութեան ընթացք մը կայ, որ կը բեւեռուի իսլամութեան վրայ: Կը գործածուի բառ մը. մեծ փոխարինումը: Այս վերջին պարագային պէտք է նշել նաեւ, որ իսլամութիւնը ինք եւս կը յատկանշուի պատշաճեցման մերժումով` սրելով կացութիւնը: Ժողովրդագրական, կրօնական, ինքնութեան եւ տնտեսական հարցերը գումարուելով` ծնունդ կու տան վախի եւ այլամերժութեան, զորս կը շահագործեն քաղաքական ժողովրդայնացման նպատակով: Կը ստեղծուի յաճախ իրականութենէ հեռացող եւ իշխանատենչական նպատակներով չարաշահուող ենթահող:

Օրինակ, այս ինքնութեան պաշտպանութեան երեւոյթը կը ներշնչէ Իսրայէլի քաղաքականութիւնը, որ կը դրսեւորուի զանազան ձեւերով, որուն վերջին արտայայտութիւնը եղաւ այն յայտարարութիւնը, որ Իսրայէլ միայն հրեաներուն հայրենիքն է: Բնակչութեան աճի պատճառով երկիրներու պատմական-աւանդական դիմագիծի փոփոխութիւնը վախ կը պատճառէ, եւ այդ վախը կը դառնայ քաղաքական շահագործման միջոց, Եւրոպա եւ Ամերիկա. Պաշտպանութիւն Արեւմտեան Եւրոպայի, պաշտպանութիւն Միացեալ Նահանգներու` լաթինոներու յարաճուն համրանքին դէմ: Նոյնատեսակ վախ` Իսրայէլի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի պարագային:

Հաղորդակցական լայնատարած եւ միաժամանակ ըստ կամս շահագործուող հաղորդամիջոցները անարգել կը սրեն կացութիւնները, որոնք պատեհապաշտներու կողմէ կ’օգտագործուին քաղաքական նպատակներով: Այսինքն յուզումներով կ’առաջնորդուի քաղաքական Էութիւնը` վտանգելով իսկական ժողովրդավարութիւնը եւ արգելք հանդիսանալով ներկայացող խնդիրներու իմաստուն լուծման:

Ֆրետերիք Նիցչէ 1878-ին արդէն գրած էր, որ «Այս իրարանցումը այնքան կ’աճի, որ` բարձր մշակոյթը բնաւ ժամանակ չունի իր պտուղները հասունցնելու … Որեւէ ժամանակ, գործող մարդիկ, այսինքն` իրար անցնողները, ասկէ աւելի չեն գնահատած»:

Արագութեան հեւքով կ’ապրինք: Շտապելը կենսաոճն է ժամանակակիցներուս, եւ երբ մտածելու ժամանակ չենք տրամադրեր, կ’առաջնորդուինք յուզումներով, կարճ տարազներով, զգացումներով եւ նոյն գիծին վրայ` կիրքով: Այդպէս են քաղաքական գործիչները: Հետեւեցէ՛ք մեծերու տուիտներուն (tweet), որոնք քաղաքական հասունութենէ հեռու են: Առածը կ’ըսէ, որ գիշերը խորհուրդ կը բերէ: Այդ խորհուրդ բերող գիշերը մեր ժամանակացոյցին մէջ չէ: Յուզումը ըլլալով հակառակը կշռադատման` կրնայ վտանգել ժողովրդավարութիւնը, որ հասարակաց մտածուած կամք է, ընդդէմ` մասնակի շահախնդրութիւններու: Ամբոխավարներ յուզումները կ’օգտագործեն բնազդական վերաբերումներ հրահրելու համար, ինչ որ կ’ընէ ժողովրդայնացումը, մտահոգութիւնները կը վերածէ վախի: Քաղաքական դաշտի մէջ այս ընթացքը ծնունդ կու տայ կիրքերու, ամբոխավարութեան, ինքնակալական ձգտումներու, Օրէնքի Պետութեան յարաբերաբար` խոտորումի:

Ամբոխավարութեան եւ ժողովրդայնացման յառաջացուցած յուզական վիճակը քաղաքացին կը զրկէ իր ժողովրդական իրաւունքէն այն պատճառով, որ ան կը հագնի ուրիշի միտքերը, կը դադրի ինքնուրոյն մտածելէ: Առանց կացութիւններու իմաստուն ճանաչման, որ վիճարկումի եւ համապատասխան եզրայանգումի նախապայմանն է, հասարակաց շահերու ըմբռնումով որոշում չի կայացուիր: Հարկ է նաեւ ընդունիլ, որ քաղաքականութիւնը ամբողջովին զերծ չի կրնար ըլլալ զգացականութենէ, յուզումէ: Բայց քաղաքական իսկական առաջնորդը պիտի գիտնայ զգացականութիւններու փոփոխութիւններէն վեր գտնուիլ: Քաղաքական առաջնորդը նկատի կ’ունենայ հանրային կարծիքի գնահատման հարցախոյզերու արդիւնքները, այս` տուեալ պահու մը յուզական մթնոլորտը, որ մնայուն չէ, փոփոխական է, արեւածաղիկի նման կը փոխուի առաւօտէն մինչեւ երեկոյ:

Միամիտ չըլլանք եւ չանտեսենք զգացումի դերը կողմնորոշումներու պարագային: Հեկել կը մտածէր, որ` «Ոչ մէկ բան կարելի եղած է կառուցել առանց կիրքի», բայց կը յիշեցնէր նաեւ, որ չափազանցուող կիրքը կը յառաջացնէ քաղաքական անկայունութիւն: Չափի հարց է: Հետեւաբար քաղաքական ղեկավարը պիտի գիտնայ գերանցել իր նախնական յուզումները` առաջնորդուելու համար պետական մտածողութեամբ, որ անհրաժեշտ է քաղաքական կայունութեան:

Միամիտ չըլլանք նաեւ խորհելու համար, որ ժողովրդավարութիւնը կրնայ կենսագործուիլ` առանց հաւաքական խանդավառութեան: Մարդիկ այո կամ ոչ ըսելու կոչուած մեքենայ չեն: Այո-ի եւ Ոչ-ի միջեւ կան երանգներ, հանգրուաններ:

Աւելի պարզ. մի՞թէ անհրաժեշտ չէ ժողովրդավարութեան ներշնչել ընկերային յուզում, այլասիրութիւն եւ պատշաճ միասին ապրելու ազնիւ ցանկութիւն, որոնց համար անհրաժեշտ է ընդհանրապէս մշակոյթ եւ քաղաքական մշակոյթ:

Ժողովրդայնացումը անորոշ սահմաններու մէջ կը թեւածէ, յաճախ կը շփոթուի ծայրայեղ աջի հետ կամ ծայրայեղ ձախի հետ` իր արծարծած հարցերու անմիջականութեամբ եւ անոնց առթած յուզումով:

Պատմութեան մէջ շատ յատկանշական պզտիկ զօրավար Նափոլէոն Պոնափարթին ճառը իր պզտիկ բանակի տեսաբան չեղող զինուորներուն, Իտալիա մուտքի նախօրեակին, երբ կ’ըսէ, թէ դուք այս չունիք, այն չունիք, թշնամին ունի… Յաղթեցէ՛ք եւ կ’ունենաք: Պատգամը հասկնալի ըլլալու համար վերլուծման չի կարօտիր:

Ժողովրդայնացումը իշխանութեան, անոր պաշտպաններուն եւ հետեւորդներուն կողմէ քննադատելի է, քանի որ հիմնովին տարբեր է ընդունուած Ժողովրդականութենէ, որ չի շփոթուիր ժողովրդայնացման հետ: Ան ո՛չ լաւ է, ո՛չ վատ: Կրնայ զօրաշարժ յառաջացնել, ժողովուրդին կամ ամբոխին ներկայացնելով անոր հիմնական կարիքներու եւ ակնկալութիւններու պատկերը, անոնց բարւոք լուծման խոչնդոտները` յաճախ ոստում կատարելով կարելիի եւ գործնականի ցանկապատին վրայէն, այսինքն կ’անտեսէ ողջախոհութեան չափանիշը, որ ծնունդ կրնայ տալ մեծ յոյսերէ ետք մեծ յուսախաբութիւններու:

Ժողովրդայնացումը հին եւ միշտ վերանորոգուող երազ է. ժողովրդական օրինականութիւնը` ընդդէմ ընտրանիի ժողովրդականութեան: Այսինքն, օրինականութիւնը գտնուելով հանդերձ մեծամասնութիւն-ժողովուրդին մէջ, ընտրանի-ղեկավարութիւնը իր դիրքին հասած կ’ըլլայ ընտրութեան արդիւնք ժողովրդականութեամբ: Պատմութիւնը մեծ դպրոց է այս երեւոյթը հասկնալու համար, սկսելով Հռոմի Կրաքներու ապստամբութենէն, մինչեւ Ֆրանսական յեղափոխութիւնը, Փարիզի Կոմունան, բոլորին մեծագոյնը` Խորհրդային Միութիւնը` մեծ յոյսերու մեծ գերեզմանը:

Ժողովրդայնացումը վախ կը պատճառէ նաեւ պատմական փորձէ քաղուած դասով: Քանի որ ժողովուրդը ինքզինք չի կրնար կառավարել, ամբոխ է, ընտանիք չէ, գիւղ չէ, պէտք ունի ընտրանիի` անկախաբար անոր որակէն: Ժողովրդավարութեան հիմնադիր մեծերը ընդհանրապէս հակաժողովրդավարական էին, կամայ-ակամայ ընտրանին կը հակադրուէր եւ կը հակադրուի ժողովուրդին, հակառակ անոր որ իր գոյութիւնը կը բացատրուի եւ կ’երաշխաւորուի անով:

Ժողովրդայնացման հետեւողները եւ առաջնորդները կոչ կ’ընեն ամբոխավարութեան, նա՛եւ այսօր, չափազանցելով վտանգները, սպառնալիքները, ինչ որ կրնայ չարաշահել հետեւորդներու վստահութիւնը: Ժողովրդայնացման ձախողութեան հիմնական պատճառը, արեւուն տակ տեղ գտնելու համար, ամբոխավարութեան փորձութիւնն է: Այդ փորձութեան դէմ դնելու ուղին ընտրանիի յառաջացումն է, որ պատմական տեւողութիւն եւ յաջողութիւն ունենալու համար ինքնիրեն պիտի խնայէ դիրքի վրայ յաւերժանալու ախտը, ինչ որ ծնունդ կու տայ մեսիանական եւ անփոխարինելիութեան առասպելին, որ է եւ կը մնայ ընտրանիի փորձութիւնը:

Եթէ ժողովուրդը լաւ է եւ իր ներկայացուցիչները` վատ, կը հետեւի այն, որ ժողովրդային կամքը կը նոյնանայ ողջախոհութեան, արդարութեան եւ բարոյականութեան հետ, եւ կը գերադասուի ամէն կարգի մարդոց կողմէ հնարուած ղեկավարման կառոյցի, որուն վերացումը կը դիտուի որպէս աղէտ` կառավարողներուն կողմէ: Կառավարողները լաւ են այնքանով, որ անոնք ուղղակիօրէն կապուած են ժողովուրդին` ընտրանիի գլխուն վրայէն անցնելով, առանց միջնորդներու, մտաւորականներու, արհեստագէտներու միջնորդութեան: Բայց ինչ որ ալ պատահի, ամէնէն ազնիւ միտումներով սկսած շարժումը ծնունդ կու տայ ընտրանիի մը, որ լաւ կ’ըլլայ, եթէ չանգիտանայ իր ծննդոցի արժէքները: Այլ խօսքով, մասնագէտ-ընտրանին օժանդակը պիտի ըլլայ ժողովուրդին, տեւական osmose-ը պիտի պահուի ժողովուրդին եւ ղեկավարին միջեւ, իտէալ մը: Մասնագէտները, technocrates, կառավարման օժանդակներն են, պէտք է ըլլան, բայց ոչ որոշում կայացնողները:

Բայց լաւագոյն պարագային անգամ, լաւատեսութեան եւ համագործակցութեան պարագային անգամ, կայ ժողովուրդին դէմ իրաւասութիւններ ունեցող փոքրամասնութիւն ընտրանին. Դիւանակալները, դրամատուներու տէրերը, արհեստավարժ քաղաքագէտները, մեծ դպրոցներէ շրջանաւարտները, որոնք յաճախ կը մոռնան ժողովուրդի շահերը եւ կ’առաջնորդուին իրենց անմիջական շահերով, իրենց դիրքէն բխած իրաւ կամ կարծեցեալ իրաւասութիւններով:

Ժողովրդայնացումը ինքնկառավարման ճանապարհն է, որ դրական արդիւնքի հասնելու եւ իր նպատակները իրականացնելու համար տեւաբար ինքզինք հարցականի պիտի ենթարկէ` բարոյական սկզբունքներու լոյսին տակ, առանց անտեսելու օրէնքները եւ իրաւունքները, ըլլա՛յ անհատներու, ըլլա՛յ բարոյական անհատներու իրաւականութիւնը վերահսկող կառոյցները: Անտեսումները կ’առաջնորդեն մենատիրութեան, եւ կը վերսկսի ժողովրդայնացումը, ճամբու ընթացքին ժողովուրդը կը վճարէ գինը:

Երբ ժողովրդայնացումը կ’ունենայ գաղափարախօսութիւն մը, ղեկավարներ, կը դադրի այդ ըլլալէ, կը դառնայ քոս, կը դառնայ համակարգ,, կը ծնի ընտրանին, նոմանքլաթուրա, որ հետզհետէ կը ձուլուի այն պատկերին մէջ որուն դէմ ոտքի ելած էր: Երբ առաջնորդները կը դառնան ընտրանի, կ’իյնանք ինքզինք կրկնող պատմութեան հոսանքին մէջ. Նիցչէի յաւերժական վերադարձը:

Ժողովուրդ հասկացողութիւնը կ’ենթադրէ մեծամասնութեան գաղափարը, առաւելագոյն համրանքը, որ օրինաւորութիւն կու տայ, ժողովրդավարական սկզբունք: Բայց ան կ’ունենայ իր ներքին բաժանումները. զանգուած եւ զանազանութիւն, դասակարգային տարբերութիւններ, մշակութային եւ այլ տարբերութիւններ, որոնք օր մը կը հակադրուին իրարու: Բայց ժողովուրդ եզրը ընդհանրացնող է, գաղափարաբանական ցանկութիւն է զայն տեսնել որպէս մէկութիւն:

Ժողովրդայնացումը պէտք է ըլլայ մեկնակէտ եւ ոչ` վախճան, ծնունդ տալով օրէնքներով ղեկավարման համակարգի, այլապէս ընկերութիւնը կը մնայ մնայուն անկայունութեան մէջ:

Մնայուն յեղափոխութիւնը ապրելու համար միշտ նոր ցնցումներու կարիք ունի, ան ո՛չ կառավարում է, ո՛չ ալ ղեկավարում, անցումային ժամանակ է, ընկերութեան բարօրութեան երաշխիք չէ:

Հայ կեանքը հասունացման կը հասնի, եթէ իրարանցումները գերանցելով` մտածէ ոչ միայն այսօրուան մասին, այլ մանաւանդ` վաղուան, գալիք սերունդներու եւ անոնց պահպանման եւ տեւականացման էական ենթահող հայրենիքի եւ ժողովուրդի մասին:

Հրավառութիւնները երբ դադրին, մտածել ղեկավարելու, ազգային հիմնական նպատակներու իրականացման եւ բարօրութեան մասին:

21 օգոստոս 2018, Երեւան

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հարիւրօրեայ Յեղափոխութեան Մը Մասին

$
0
0

«Յիշեցէ՛ք, շարունակ յիշեցէ՛ք, որ բոլորս, ե՛ւ դուք ե՛ւ ես յատկապէս, գաղթականներէ եւ յեղափոխականներէ սերած ենք»

Ֆրանքլին Ռուզվելթ

Հարիւր օրեր թաւալած են «թաւշեայ յեղափոխութեան» այն օրէն, երբ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ մը կատարուեցաւ: Փոփոխութիւն մը, որուն առաջին քայլը առնուած էր ամիսներ առաջ, երբ նախագահական կառավարման փոխարէն` կանաչ լոյս տրուած էր ժողովրդավարական կանոններու վրայ հիմնուած խորհրդարանական կառավարման ձեւին:

Այսօր, ցոյցի ելած այդ աշխատաւորները, պաշտօնեաները, ուսուցիչներն ու աշակերտները վերադարձած են իրենց առօրեային: Օգոստոս 17-ին անոնք վերստին պիտի հաւաքուին հրապարակ իրենց իրագործած թաւշեայ յեղափոխութեան հարիւրերորդ օրը նշելու:

Ընդհանրապէս սովորութիւն է քաղաքական դէպքի մը, իրողութեան մը հարիւրերորդ օրը նշել: Իսկ հայութեան համար այսպիսի առիթներ միշտ աւելի մեծ հանդիսութիւններու դուռ կը բանան:

Ինչ որ բեմահարթակին վրայ պիտի կատարուի, այդ սովորական հանդիսութիւններու շարքին մէկ մասն է հաւանաբար:

Սակայն, բուն կարեւորը բեմահարթակէն հեռու կատարուած յեղափոխութեան շարունակութիւնն է:

Ցուցականը կատարուեցաւ: Ոչ ցուցականն ու անոր շարունակութիւնն են կարեւորը, որ շատ աւելի դժուար է եւ հետեւողական աշխատանքի կը կարօտի:

Իւրայատուկ էր թաւշեայ յեղափոխութիւնը:

Կարիք չեղաւ հայորդիին համար հրասայլին դէմ առանձին կանգնելու կամ ինքզինք հրկիզելու:

Ճոն Քենետի ճառախօսութեան մը ընթացքին յայտնած է. «Անոնք, որոնք խաղաղ յեղափոխութեան դէմ պայքարած են, պատճառ դարձած են, որ անխուսափելի ըլլայ արիւնալի եւ սաստիկ յեղափոխութիւնը»:

Ատիկա չպատահեցաւ հարիւր օր առաջ, եւ բարեբախտաբար օրուան ղեկավարութիւնը տեղի տուաւ: Հոս, ժամանակը չէ փաղաքշական զգացումներով արտայայտուելու: Ի վերջոյ, ուղղակի թէ անուղղակի վնասը կատարուած էր եւ դժգոհ ու միակամ ամբոխը կարելի չէր սիրաշահիլ:

Իսկ ներկայ ղեկավարութեան պարտականութիւնը շատ աւելի դժուար է` բաղդատած նախորդին, որովհետեւ նախկին կողմը յիշեցնող որեւէ ընթացք կրնայ դուռ բանալ նոյնանման կողմի մը յուսալքութեան եւ յուսախաբութեան:

Շատ աւելի խոր վերլուծումներու երթալով եւ մէջբերելով տարիներ շարունակ Միանմարի մարդկային իրաւունքներուն համար պայքարած եւ Նոպէլեան մրցանակի տիրացած Աունկ Սոն Սու Քիի գաղափարները, տեղին է նշել, որ այն յեղափոխութիւնը, որուն միակ նպատակն է փոխել քաղաքական գործընթացն ու հիմնարկները` նիւթական պայմանները բարւոքելու հեռանկարով, ճշմարիտ յաջողութեան քիչ կարելիութիւն ունի:

Առանց խանդի եւ կորովի յեղափոխութիւնը անընդհատ սպառնալիք է բարեփոխումներու եւ վերածնունդի գործընթացին:

Կառուցման եւ վերակառուցման աշխատանքը երկար է, իսկ երկրի ազգային շահերն ու ապահովութիւնը` առաջնահերթ եւ անձեռնմխելի:

Տեսակէտ. Մտահոգիչ Որակաւորում

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ամիր Խաթամի յայտարարեց, թէ իր երկիրը Թուրքիոյ, Աֆղանիստանի, Ազրպէյճանի եւ Փաքիստանի հետ ունի լաւ յարաբերութիւններ, որոնք հիմնուած են «եղբայրութեան եւ անկեղծութեան» վրայ:

Եթէ Խաթամի կ՛ակնարկէ իսլամական եղբայրութեան, ապա վերոնշեալ երկիրները սիւննիական են եւ հաշտ աչքով չեն դիտեր իրենց շիի «եղբայրները»: Փաքիստանի մէջ շիիները ահաբեկչական յարձակումներու յաճախակի թիրախ են, եւ թէեւ այդ երկրի նորընտիր վարչապետ Օմրան Խան խոստացած է զարգացնել Իրանի հետ յարաբերութիւնները, սակայն տակաւին կանուխ է երկու պետութիւններու յարաբերութիւնները եղբայրական եւ անկեղծ կոչելու համար:

Աֆղանիստանի կառավարութիւնը կը գտնուի ամերիկեան վերահսկողութեան տակ, այս պարագային եւս այդ որակաւորումը տեղին չէ: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները թերեւս յստակ են, սակայն զանոնք անկեղծ եւ եղբայրական կոչելը լաւագոյն պարագայի չափազանցութիւն է` վկայ Սուրիոյ իրադարձութիւնները: Իսկ Իսրայէլի հետ սերտ յարաբերութիւններ ունեցող, Թել Աւիւի հետ Իրանի դէմ դաւող եւ գործող Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները «եղբայրական եւ անկեղծ» կոչելը պարզապէս հեգնական է, մանաւանդ երբ զայն կատարողը ի պաշտօնէ այդ թղթածրարին քաջածանօթ մէկն է: Ատիկա հեգնական է, սակայն ոչ զարմանալի: Հարցը այն է, որ Իրան ամերիկեան պատժամիջոցներուն պատճառով խոր ճգնաժամի մէջ է, եւ հասկնալի է, որ խեղդուողը նոյնիսկ օձին կը փաթթուի:

Միւս կողմէ, սակայն, Իրան միշտ ալ հաւասարակշռուած եւ սկզբունքային կեցուածք ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին նկատմամբ, սակայն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ անոր ներկայ «եղբայրական եւ անկեղծ» յարաբերութիւնները հաւանաբար իրենց ազդեցութիւնը ունենան այդ աւանդական դիրքորոշումին վրայ: Արցախ-Ազրպէյճան եւ Հայաստան-Նախիջեւան շփման գիծերուն վրայ իրադարձութիւններու եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն նկատմամբ Ռուսիոյ անվստահութեան լոյսին տակ, իրանեան կեցուածքին մէջ նուազագոյն փոփոխութեան կարելիութիւնը չի կրնար չմտահոգել հայկական կողմը:

 

 

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն 100-ամեակ. Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտիչ Արամ Մանուկեանի Դերակատարութիւնը` Հիմնուելով Վանի Անկախութեան Փորձին Վրայ

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Արամ Մանուկեան` Սերգէյ (Սարգիս) Յովհանիսեան, 1879-1919, ՀՅԴ անդամ, ազգային-ազատագրական գործունէութիւնը սկսած է դպրոցական տարիքին (որուն պատճառով վտարուած դպրոցէն, հակառակ անոր որ ուշիմ աշակերտ էր), Շուշիի մէջ, ապա ցարական Ռուսիոյ հայ ժողովուրդին վրայ ճնշումներուն դէմ պայքարով: 1901-1903 գործած է Պաքուի, Գանձակի, Թիֆլիսի, Ալեքսանդրապոլի եւ Կարսի մէջ: «Ռուսերը կը հալածէին հայ լեզուն, հայ դպրոցը եւ ազգային-մշակութային հաստատութիւնները» (1), Հայ եկեղեցւոյ կալուածները գրաւեցին: Աղքատ զինագործի զաւակ` 1903-էն սկսեալ Կարսի մէջ զբաղած է Արեւմտեան Հայաստան զէնք, զինամթերք ու կամաւորական խումբեր փոխադրելով:

1904-1908 գործած է Վանի մէջ, ուր զինք անուանած են Վանի Արամ, եւ Օրտու քաղաքին մէջ զբաղած է ուսուցչութեամբ, ապա 2 տարի ապրած է Ժընեւ: 1910-ին վերադարձած է Վան, եղած է Վասպուրականի հայութեան ամէնէն ճանչցուած եւ սիրուած գործիչը: Վասպուրականի մէջ ան ամէն տեղ էր` դպրոց, մամուլ, ազգային հաստատութիւններ, երիտասարդական շրջանակներ,  յարաբերութիւններ կառավարութեան հետ եւ այլն: Ան միակ անձն էր, որ հեղինակութիւն ունէր բոլորին մօտ` թէ հակառակորդներուն եւ թէ՛ կողմնակիցներուն: «Արմենական (ռամկավար) Համազասպը եւ ընկերները միացան Դաշնակցութեան` միայն մէկ պայման դնելով, որ գէթ երկուքին` Համազասպին (Բղէշցեան) եւ (Ղեւոնդ) Մելոյեանին առնենք Կեդրոնական կոմիտէին մէջ» (1), ինչ որ կատարուեցաւ եւ հիանալի համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ բոլոր կուսակցութիւնները միասնաբար լծուեցան ինքնապաշտպանութեան աշխատանքին` տոկալով մինչեւ 5 Մայիս 1915` հայկական կամաւորական գունդերուն (առաջինը` Դաշնակցական Խեչոյի, Աշոտ Մելիք Մուսեանի եւ Դալի Ղազարի հետ, ապա նոյն օրը` Դրոյի) եւ ռուսական բանակին մուտքը Վան:

Ա. (Արշալոյս) Աստուածատրեան կ՛ըսէ. «Արամը արտակարգ վարպետ էր մարդկանց մօտենալու, անոնց հետ լեզու գտնելու եւ գործի մղելու արուեստին մէջ: Կարելի է ըսել, որ այդ ընդունակութիւնը իր ներքին կարողութիւններուն զարդը կը կազմէր, հասարակական կեանքի յաջողութիւններուն գլխաւոր բանալին: Արամի բնաւորութեան այս գիծը, ինչպէս կը տեսնենք իր մէջ, առանց չափազանցութեան փրկարար դեր կատարեց Երեւանի մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան նախօրէին»… «Արամը մարդկանց կը ճանչնար ոչ միայն անոնց կատարած գործերով, այլ նաեւ բնազդով, այսինքն` առանց գործնական տուեալներու» (1):

Ձախին` Արամի բնակարանը եւ դրացի կալուածը 25 օգոստոս 2015-ին եւ 30 Յուլիս 2018-ին

Կազմակերպած եւ ղեկավարած է 1915-ի Վանի ինքնապաշտպանութիւնը, որուն յաղթական աւարտէն ետք, 5 մայիսէն 13 յուլիս 1915 ղեկավարած է Վանի նահանգապետութիւնը, որ տեւեց 70 օր միայն` ռուսական զօրքերուն անակնկալ հեռանալու նաեւ հայութիւնը Վանէն տեղահանելու որոշումին պատճառով (Արամ ի զուր փորձեց հեռացող ռուսական բանակէն զինամթերք ապահովել` մնալու եւ պաշտպանելու համար նահանգը):

Ռուսական զօրքերու նահանջին ժամանակ կազմակերպած է Վասպուրականի հայութեան (շուրջ 250 հազար) գաղթը դէպի Արեւելեան Հայաստան: Արամի ճիգերուն արգասիքը եղաւ 1915-ին Վանի հայութեան միասնական` հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, որուն ոգին եւ հուժկու բռունցքն էր Արամ: Իբրեւ այդպիսին` ան նշանակուեցաւ օսմանցիներէն իր անկախութիւնը կերտած Վանի կառավարիչ` ռուս զօրավար Նիկոլայեւի հրամանով եւ Կովկասի փոխարքայ Վորոնցով-Դաշկովի 8 մայիս 1915-ի վաւերացումով, արժանանալով ոչ միայն վանեցիներու, այլեւ Վան մտած ռուսական զօրքերու հրամանատարութեան հիացմունքին ու վստահութեան (2):

Արամ Մանուկեան սեւ գլխարկով կեդրոնը, աջին` զօրավար Նիկոլայեւ

Նոյն օրը Արամ հետեւեալ կոչը կ՛ուղղէ ժողովուրդին (2).

«Հայ ժողովուրդին,
«Քաղաքացինե՛ր,

«Ռուսական յաղթական բանակի առաջխաղացումը նոր դարագլուխ եւ իրաւակարգ կը բանայ մեր քաղաքի եւ գաւառի իրաւազուրկ ժողովուրդին համար: Դարերու ստրկութեան եւ քաղաքական ճնշումներու վախճանն է, որ մենք կ՛ապրինք այս օրերուն. հայ ժողովուրդի շինարար եւ ստեղծագործ ոգիի ծնունդն է, որ մենք այժմ կը տեսնենք:

«Ռուս զօրքերու հրամանատարը` զօրավար  Նիկոլայեւ, գնահատելով Վասպուրականի հայ ժողովուրդի հերոսական ջանքերը` թուրք կառավարութիւնը անզօր դարձնելու իր ազգասպան քաղաքականութեան մէջ եւ հաւանելով հայ ժողովուրդի մշակութային ձգտումները, բարեհաճեցաւ 7 մայիս, թիւ 16 մասնաւոր հրամանագիրով զիս նշանակել քաղաքի եւ շրջանի կառավարիչ եւ կազմակերպել նոր գործը իր բոլոր ճիւղերով:

Վանի Հերոսամարտի կեդրոնական կոմիտէն. ձախէն աջ` Տիգրան, Իշխան, Արամ, Մալխաս, Համազասպ եւ պառկած` Սարգիս Բ.

«Այսօր արդէն կազմակերպուեցան ոստիկանական, դատական, գիւղատնտեսական, քաղաքապետական եւ այլ վարչութիւններ:

«Ասով կը յայտարարեմ ամբողջ ժողովուրդին, որ նոր կառավարութիւնը կազմակերպուած ըլլալով` անհրաժեշտ է բոլոր գործերու համար դիմել նոր կառավարութեան յանձնախումբերուն, քաղաքին եւ շրջակայքին մէջ բնական վիճակ ստեղծելու համար:

«Ներկայ պատմական պատասխանատու օրերուն մէջ հայ ժողովուրդը միայն մէկ նշանաբան պիտի ունենայ` համախմբուիլ ամբողջ եռանդով կառավարութեան շուրջը, վերակազմակերպելու համար կեանքը քաղաքին եւ շրջանին մէջ, արժանի ըլլալու համար քառորդ դարէ աւելի մղուած պայքարին մէջ ինկած հերոսներու յոյսերուն եւ յիշատակին ու միշտ բարձր պահելու համար հայ ազգի մշակոյթի պաշտօնի գիտակցութիւնը Փոքր Ասիոյ այս ծայրագաւառին մէջ:

«Ռուս զօրավարը մեր այս յոյսերու լիակատար գիտակցութեամբ էր, որ հայ ժողովուրդին եւ իմ հանդէպ ցոյց տուաւ այդ մեծ վստահութիւնը:

«Քաղաքացինե՛ր, ձեզի կը մնայ մեր այդ յաւակնութեանց եւ յոյսերուն ընդառաջ գացող յաղթական բանակին եւ զօրավարին վստահութիւնը բացարձակապէս արդարացնել եւ աւելի լաւագոյնին արժանի եւ պատրաստ գտնուիլ:

Վանի շրջանի կառավարիչ
ԱՐԱՄ
8 մայիս 1915, Վան-Այգեստան»

«Եթէ Վանի ինքնապաշտպանութիւնը հայ ժողովուրդի մարտական ընդունակութիւններու անհերքելի ապացոյցը եղաւ, Վանի կառավարութիւնն ալ անոր ստեղծագործական-պետական կեանքի առաջին արժանաւոր վկայականը մնաց: Թէ՛ հերոսամարտի եւ թէ՛ պետական շինարարութեան մէջ վանեցին եկաւ ապացուցելու, որ հայը կատարելապէս արժանի է ազատ ու անկախ կեանքի:

«Ստանձնելով Վանի կառավարիչի պաշտօնը, իր կազմակերպչական հոյակապ տաղանդով, ընդամէնը մէկ քանի օրերու մէջ, Արամ կրցաւ ոչինչէն, քաոսէն ու աւերածութենէն, բառին իրական ու լայն առումով, ժողովրդական-վերաշինական կառավարութիւն մը ստեղծել, ստեղծագործական աշխատանքի լծել վանեցին, գաւառացի թէ կովկասահայ բոլոր կենսունակ ուժերը եւ օրէ օր, ժամէ ժամ ամրապնդել կառավարութեան հիմերը եւ դարձնել զայն ոչ միայն Վանի, այլեւ համայն հայ ժողովուրդի առաջին պետական կեանքի յենակը:

Վան-Այգեստանի համայնապատկերը 1916-ին

«Հակառակ իր կարճատեւ, ընդամէնը 70-օրեայ գոյութեան` Արամի կառավարութիւնը իր ստեղծագործական-կազմակերպչական թափով նոյնպէս աննախընթաց երեւոյթ մըն է մեր պատմութեան մէջ, ինչպէս որ պատմական շքեղ էջ մըն է Վանի հերոսամարտը» (2):

Առաջին իսկ օրերուն կազմուեցան կառավարական հետեւեալ հիմնարկութիւնները` կուսակցականներէ եւ անկուսակցականներէ բաղկացած. կը նշեմ միայն առաջինին անձնակազմի անունները.

  1. Նահանգային վարչութիւն, որ Վասպուրականի գլխաւոր վարչութիւնն էր, հետեւեալ կազմով.

Արամ` նահանգապետ, Սիրական Տիգրանեան` փոխնահանգապետ, Պարոյր Լեւոնեան` նահանգապետի օգնական, Արշակ Դարբինեան (ռամկավար) դիւանապետ, Կարապետ Աճեմեան (ռամկավար), հաշուակալ, Տիգրան Թերլեմէզեան (անկուսակցական), գանձապահ, Յովհաննէս Մխիթարեան` քարտուղար (մնացեալը` ՀՅԴ):

  1. Տնտեսական մարմին, որ Վասպուրականի տնտեսական եւ եկամտային գործերու եւ խնդիրներու վարիչն էր, 7 անդամ:
  2. Քաղաքական վարչութիւն, որ քաղաքային խորհուրդի մը բոլոր իրաւասութիւններն ու պարտականութիւնը ունէր, 10 անդամ:
  3. Կրթական տեսչութիւն, որ կը վարէր նահանգի կրթական գործը, 3 անդամ:
  4. Երկրագործական մարմին, որ պաշտօն ունէր զարգացնելու երկրագործութիւնը, հայթայթելու երկրագործական նորագոյն գործիքներ եւ երկրագործ դասին մէջ փոխառութեան գործը կազմակերպելու, 2 անդամ:
  5. Առողջապահական մարմին, որ պարտականութիւն ունէր հսկելու նահանգի առողջապահական պայմաններուն եւ քաղաքի մաքրութեան վրայ, 3 անդամ:
  6. Առեւտրական մարմին, որ պարտաւոր էր զարկ տալու արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններուն, զարգացնելու վաճառականութիւնը եւ լուծելու առեւտրական զանազան խնդիրներ, 5 անդամ:
  7. Ոստիկանական տեսչութիւն, յատկապէս` քաղաքին համար, 3 անդամ: Տեսչութիւնը իր տրամադրութեան տակ ունէր 5 շրջանապետներ` մէկական օգնականներով եւ քարտուղարներով, 60 հետեւակ եւ 12 հեծեալ ոստիկաններով:
  8. Դատական.

ա) Հաշտարար, մէկ անկուսակցական դատաւոր, մէկ քարտուղար եւ մէկ գործավար:
բ) Հարցաքննիչ դատաւոր, մէկ անկուսակցական:
գ) Շրջանային դատարան, մէկ անկուսակցական, մէկ անդամ, մէկ դիւանապետ, մէկ քարտուղար եւ երկու գործավար:
դ) Ընդհանուր դատախազութիւն, մէկ հնչակեան:
ե) Գործադիր, մէկ անկուսակցական:
զ) Ընդհանուր քննիչ, մէկ անկուսակցական եւ քարտուղար մը:

Այս բոլոր հիմնարկութիւններուն նախագահները Արամի գլխաւորութեամբ կը կազմէին «Նահանգային խորհուրդը», որ կը կարգադրէր նահանգի հողային, կրթական, ոստիկանական, սահմաններու ապահովութեան, հարկային եւ այլ խնդիրները: Արագօրէն կը կազմակերպուին նաեւ մերձակայ եւ հեռաւոր 14 գաւառապետութիւնները:

Կառավարութիւնը նաեւ պատրաստեց իր նախահաշիւը, որ 8 ամսուան համար` 1 մայիս 1915-31 դեկտեմբեր 1915, 178 հազար 340 ռուբլի էր:

Շուտով քաղաքը մաքրուեցաւ, պատերազմի հետքերը վերացան, եւ նոր վաճառատուներ, աշխատանոցներ, ճաշարաններ, սրճարաններ եւ պանդոկներ կառուցուեցան Վանի արուարձան հայկական Այգեստանի մէջ: Մշակութային կեանքը աշխուժացաւ` ներկայացումներ, նուագահանդէսներ, եւ մէկէ աւելի թերթեր հրատարակուեցան: Վանի հերոսամարտը եւ անկախութիւնը ոգեւորեց աշխարհասփիւռ հայութիւնը, եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ ղրկուեցան Կովկասի եւ Ռուսիոյ հայութենէն: Բոլոր կամաւորական գունդերու հրամանատարները այցելեցին Վան-Այգեստան` Արամին. Վարդան, Քեռի, Համազասպ, Սեպուհ, ապա` Անդրանիկ եւ Դիլմանի մէջ թրքական բանակը ջախջախած զօրավար Նազարբէկեանը, որ ուրախ եւ յուզումով Արամին կ՛ըսէ. «Տեսնելով ձեզ, ձեր երկիրը եւ ձեր ժողովուրդը, ես հպարտ եմ որ հայ եմ»: Կ՛այցելեն նաեւ` Ռոստոմը, Համօ Օհանջանեանը, Սիմոն Վրացեանը, Նիկոլ Աղբալեանը, Սարգիս Արարատեանը եւ ուրիշներ, որոնք ապագային անկախ Հայաստանի գործիչներէն եղան:

Ահա այս նոյն Արամն էր, որ դեկտեմբեր 1917-ին գործուղուեցաւ Երեւան` քաոսին մէջ կարգ-կանոն հաստատելու, եւ շնորհիւ Վան-Այգեստանի իր փորձառութեան` կազմակերպեց քաղաքային իշխանութիւն եւ բանակ, որ պարտութեան մատնելով թրքական բանակները` 28 մայիս 1918-ին իրողապէս կերտեց  Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

14 օգոստոս 2018

(1)  «Արամը», հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, 1969, տպարան Համազգային, Ա. Աստուածատրեանի «Արամը» գլուխ, էջ11-146:
(2)  Նոյնը, Օննիկ Մխիթարեանի «Վանի ինքնապաշտպանութիւնը» գլուխ, էջ 457-478:

 

 

Իրօ՞ք Ազրպէյճանը Մտադիր Է Անդամակցել ՀԱՊԿ-ին

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Հարցը բնաւ հռետորական չէ: Այն ունի քաղաքական նախադրեալներ ու հիմքեր եւ, որպէս այդպիսին` լայնօրէն շրջանառւում է ինչպէս ազրպէյճանական, նոյնպէս եւ հայկական լրատուամիջոցներում: Մանաւանդ վերջին շրջանում` մերձկասպեան երկրների նախագահների կողմից Կասպից ծովի իրաւական կարգավիճակի մասին հռչակագրի ստորագրումից յետոյ, որ, ինչպէս յայտնի է,  տեղի է ունեցել օգոստոսի 12-ին` ղազախական Ակտաու քաղաքում:

Եւ այսպէս, իրօ՞ք Ազրպէյճանը կարող է դիտարկել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեանը վերստին միանալու հարցը: Մի ռազմաքաղաքական կազմակերպութիւն, որի շարքերը Պաքուն լքել է ոչ լրիւ 20 տարի առաջ, աւելի ճշգրիտ` 1999թ. ապրիլի 2-ին, դեռեւս Հայտար Ալիեւի նախագահութեան օրօք` չստորագրելով պայմանագրի երկարաձգման մասին փաստաթուղթը:

Բայց, նախ, յիշեցման կարգով, որպէս տեղեկանք,  նշեմ, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ), որ երբեմն անուանում են «Թաշքենդի փաքթ» կամ «Թաշքենդի համաձայնագիր»,  ռազմաքաղաքական դաշինք է եւ տարածաշրջանային միջազգային կազմակերպութիւն, որի գործունէութեան հռչակուած նպատակներն են հանդիսանում «խաղաղութեան, միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդումը, հաւաքական պաշտպանութեան վրայ հիմնուած անդամ երկրների անկախութեան,  տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան ապահովումը»: ՀԱՊԿ-ի ստեղծման օրը համարւում է  1992թ. մայիսի 15-ը, երբ  Ուզպեքստանի մայրաքաղաք  Թաշքենդում  Հայաստանի,  Ղազախստանի,  Խըրխըզստանի,  Ռուսաստանի,  տաճիկստանի  եւ Ուզպեքստանի առաջնորդները ստորագրեցին հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր:

1993թ. ՀԱՊԿ-ին միացան` Ազրպէյճանը,  Պիելառուսիան  եւ  Վրաստանը: Հետագայում  Ազրպէյճանը, Վրաստանը եւ Ուզպեքստանը, որոնք ՀԱՊԿ էին ընդունուել միաժամանակ` 1993-ի սեպտեմբերի 24-ին, միաժամանակ էլ` գրեթէ վեց տարի անց,  1999-ի ապրիլի 2-ին յայտարարեցին  կազմակերպութեան անդամների իրենց լիազօրութիւնները միակողմանիօրէն դադարեցնելու մասին: Ճիշդ է, տարիներ անց` 2006թ. օգոստոսի 16-ին Ուզպեքստանը, այսպէս ասած. մոլորեալ որդու պէս վերադարձաւ դաշինք, սակայն, շատ չանցած, դարձեալ կապերը խզեց կազմակերպութեան հետ: Դա արդէն  2012-ի դեկտեմբերի 19-ին էր: 1994-ին, երբ ուժի մէջ մտաւ պայմանագիրը,  ՀԱՊԿ-ի անդամ էր 9, այս պահին` 6 պետութիւն: Դաշինքի բարձրագոյն մարմինը Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդն է, որը նշանակում է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարին: Կազմակերպութեան այդ բարձրագոյն  պաշտօնում նշանակումները կատարւում են ռոտացիոն կարգով, այսինքն` շրջափոխութեամբ` ըստ անդամ պետութիւնների հերթագայութեան: Ներկայումս ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը զբաղեցնում է Հայաստանի ներկայացուցիչը: Կազմակերպութեան գլխադասային գրասենեակը գտնւում է Մոսկուայում, պաշտօնական լեզուն ռուսերէնն է:

Վերջին երկու տասնամեակում ՀԱՊԿ-ն նաեւ անուանում են փութինեան ՕԹԱՆ, նկատի ունենալով, որ իբրեւ ռազմաքաղաքական դաշինք` այն գործում է Ռուսաստանի հովանու ներքոյ, ինչպէս նաեւ` նախագահ Վլատիմիր Փութինի գերակայ դերը կազմակերպութիւնում, ապա եւ  ՀԱՊԿ-ի հակակշիռ կեցուածքը մէկ այլ միջազգային ռազմաքաղաքական կառոյցի` Հիւսիսատլանտեան դաշինքի կազմակերպութեան նկատմամբ: Թէկուզ, անդամ պետութիւնների սկզբունքային միասնականութեան ու համերաշխութեան առումով, ՀԱՊԿ-ն, մեղմ ասած,  զգալիօրէն զիջում է ՕԹԱՆ-ին, այն աստիճան, որ երբեմն, ինչո՞ւ չէ, նաեւ յաճախ յիշեցնում է 19-րդ դարի ռուս անուանի գրող Իւան Կը ռիլովի «Կարապը, խեցգետինը եւ գայլաձուկը» յայտնի առակում արտացոլուած  կացութիւնը, երբ խորհրդանշական հերոսներից կարապը կարող է միայն թռչել, գայլաձուկը լողալ, խեցգետինը` սողալ, իսկ սայլը, որին լծուած են դրանք, այդպէս էլ ոչ մի կերպ տեղից չի շարժւում: Թէպէտ ՕԹԱՆ-ի պարագայում նոյնպէս վերջին տարիներս իրավիճակի կռիլովեան տեսլականն է սկսել տիրել: Նկատի ունեմ դաշինքի անդամ պետութիւնների, մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա եւ կամ Միացեալ Նահանգներ-եւրոպական երկրներ հետզհետէ կամ ստեպ-ստեպ լարուող, երբեմն ընդհուպ մինչեւ առճակատման միտուող փոխյարաբերութիւնները, առանձնապէս ներկայումս` Միացեալ Նահանգներում նախագահ Տոնալտ Թրամփի կառավարման օրօք:

Ինչ որ է: Արցախցու ասած` գլուխը քարը: Այս պահին դա չէ խնդրոյ  առարկան: Մեզ հետաքրքրում է հերթական անգամ ՀԱՊԿ-ին Ազրպէյճանի անդամակացութեան հաւանականութիւնը: Արդեօք, Իլհամ Ալիեւն իրապէ՞ս միտք ունի վերանայել հանգուցեալ հօր վաղեմի հրաժարումը ՀԱՊԿ անդամի լիազօրութիւններից եւ մեղայականով կամ առանց մեղայականի վերադառնալ յետխորհրդային տարածքի այդ ռազմաքաղաքական կառոյցի տանիքի տակ, թէ՞ այն աղմուկը, որ ազրպէյճանական մամուլում բարձրացուել է խնդրի շուրջ հանրային քննարկումների տեսքով, իրականում խայծ է Մոսկուայի կամ Երեւանի համար:  Նրանցից առաջինի համար` ռազմավարական գործընկերոջ հետ աւելի սերտ, դաշնակցային յարաբերութիւններ հաստատելու հեռանկարի խոստման տեսքով, երկրորդի պարագայում` ՀԱՊԿ-ի  ներսում նրան մեկուսացնելու սպառնալիքով: Մանաւանդ, խնդիրը, կարելի է ասել, կիսով չափ, եթէ ոչ` աւելին, լուծուած է` հիմք ընդունելով Պաքուի սերտ, ռազմավարական գործակցութիւնը կազմակերպութեան առանձին անդամների, ի մասնաւորի Պիելոռուսիայի եւ Ղազախստանի հետ, որոնք առիթից առիթ բացէ ի բաց յայտարարում են իրենց սկզբունքային համախոհութիւնն ու համերաշխութիւնն Ազրպէյճանի հետ, առանձնապէս` ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման խնդրում, որի միակ լուծումը  Լուքաշենքոն եւ Նազարպայեւը տեսնում են սոսկ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներում` այդ կապակցութեամբ ամենատարբեր միջազգային հարթակներում պաշտպանելով Պաքուի շահերը: Ինչ խօսք, մոռացութեան մատնելով, աւելի ստոյգ` քամահրելով Հայաստանի հետ դաշնակցային փոխյարաբերութիւններն ինչպէս ՀԱՊԿ-ում, նոյնպէս եւ` Եւրասիական տնտեսական ու Մաքսային միութիւններում:

Ինչ վերաբերում է Ռուսաստանին, ապա այն, բնականաբար, մեծապէս շահագրգռուած է կազմակերպութեան ոչ միայն պահպանմամբ, այլեւ աշխարհագրութեան ընդլայնմամբ եւ, որպէս երկնային մանանայ, Ազրպէյճանի ընդգրկմամբ, ինչն անհամեմատ կ՛ամրապնդի անցեալ դարի 90-ականներից ի վեր բաւականին  խախուտ դարձած իր դիրքերը Հարաւային Կովկասում: Ի դէպ, այս պարունակում յատկանշական է Մոսկուայի վաղեմի կոշտ դիրքորոշման կտրուկ մեղմացումը` կապուած Կասպից ծովի միջպետական սահմանազատման` տասնամեակներ ի վեր չարչրկուող խնդրի հետ, ինչի վերաբերեալ ընդունուած հռչակագրի արդիւնքում Ազրպէյճանն օժտուել է մերձկասպեան միւս պետութիւնների համեմատ առաւել լայն իրաւունքներով ու տնտեսական գործունէութեան հնարաւորութիւններով: Ընդ որում, իրողութիւնն այնքան ակնյայտ է, որ այդ մասին առանձնակի հպարտութեամբ ու անթաքոյց պարծանքով են խօսում Ազրպէյճանում` սկսած շարքային քաղաքական վերլուծաբաններից մինչեւ քաղաքական ու պետական գործիչներ` Ակտաուի հռչակագիրը համարելով «Վլատիմիր Փութինի եւ Իլհամ Ալիեւի հայեցակարգի յաղթանակը»: Բնականաբար կարելի է հասկանալ այսպէս` յաղթանակ Համաձայնագրի միւս մասնակիցների`  Ղազախստանի, Թուրքմենստանի եւ Իրանի, անգամ, չբացառենք, նաեւ Ռուսաստանի նկատմամբ: Ինչպէս ասում են նպատակն արդարացնում է միջոցները: Յամենայն դէպս, կարելի է եզրայանգել, առանձնաշնորհն այդ մէկն էր այն բարձր գներից, որոնց Մոսկուան տարիներ շարունակ ստիպուած է գնալ` Պաքուին գայթակղելու եւ նոյնպէս ՀԱՊԿ-ԵԱՏՄ-ՄՄ շղթայով իրեն ամրակցելու համար: Անշուշտ, այլ բացատրութիւն չունեն նաեւ արդիական սպառազինութեան այն մատակարարումները, որոնք Ռուսաստան-Ազրպէյճան առեւտրաշրջանառութեան ողջ ծաւալի առիւծի բաժինն են կազմում:

Ուշագրաւ  է, որ ՀԱՊԿ-ին Ազրպէյճանի անդամակցութեան հաւանականութեան եւ դրանից բխող ռազմաքաղաքական շահերի մասին Պաքւում առաջինը բարձրաձայնել են հէնց իշխող վերնախաւից` յանձինս Միլլի մէճլիսի  պատգամաւոր, իրաւական հարցերի եւ պետականաշինութեան կոմիտէի նախագահ, ռուս-ազրպէյճանական միջխորհրդարանական համագործակցութեան խմբի ղեկավար Ալի Հուսէյնլու: Բացի այդ, բարձրաստիճան խորհրդարանականի հետ հարցազրոյցը («Նպատակայարմար կը լինէր քննարկել ՀԱՊԿ-ին Ազրպէյճանի մասնակցութեան հարցը») վարել ու հրապարակել է իշխանամէտ լրատուական հաքքին.ազ կայքը (https://haqqin.az/news/134342), ինչը նոյնպէս վկայում է, որ խնդրի հանրային արծարծման հրահանգն իջել է վերեւից, անգամ` ամենավերեւից:

Թէ ինչպիսին է պաշտօնական Պաքուի դիրքորոշումը ՀԱՊԿ-ին անդամակցելու հաւանականութեան վերաբերեալ, կարծում եմ, կարելի է յստակ պատկերացում կազմել, այսպէս ասած, «ծաղկաքաղ կատարելով» խնդրի վերաբերեալ ազրպէյճանցի պատգամաւորի նկատառումներից:

Եւ այսպէս, ըստ  Հուսէյնլու. «Ազրպէյճանը, ըստ էութեան լինելով Ռուսաստանի դաշնակիցը, ձեւականօրէն չունի այդ կարգավիճակը, ինչը նրան դնում է Հայաստանի հետ ոչ հաւասարաչափ վիճակի մէջ: Իսկ ՀԱՊԿ-ին Ազրպէյճանի միանալուց յետոյ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը Ռուսաստանի համար կը վերածուի այդ կազմակերպութեան երկու գործընկերների միջեւ հակամարտութեան, ինչը նրան հիմք կը տայ աշխուժացնելու դրա լուծմանն ուղղուած իր միջնորդական ջանքերը: Միեւնոյն ժամանակ այդ կազմակերպութեան անդամներ են հանդիսանում երկրներ, որոնք  անպայման պաշտպանում են Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը եւ պահանջում են բռնագրաւումից մեր հողերի ազատումը»:

Ելեկտրոնային լրատուամիջոցի զրուցակից բարձրաստիճան պաշտօնեայի  համոզմամբ, ՀԱՊԿ շրջանակներում աւելի շատ հնարաւորութիւն կը յայտնուի` վերականգնելու Պաքուի վերահսկողութիւնն Իրանին սահմանակից  ազրպէյճանական տարածքների նկատմամբ: Խօսքը, ինչպէս կռահեցիք, վերաբերում է ՀԱՊԿ սկուտեղի վրայ նախկին Ֆիզուլու, Ջաբրայիլի եւ Զանգելանի շրջաններն Ազրպէյճանին վերադարձնելուն, որոնք Արցախի Պաշտպանութեան բանակն ազատագրել է 90-ականների սկզբներին` Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի ընթացքում եւ ներկայումս, որպէս հայկական պատմական հողեր, Արցախի Հանրապետութեան իրաւաենթակայութեան տակ են` իբրեւ սահմանադրօրէն յատկանշուած տարածքներ:

Հաստատելով, որ վերջին տարիներս Ազրպէյճանը եւ Ռուսաստանն արդիւնաւէտ համագործակցութիւն են ձեւաւորել ռազմական ոլորտում, եւ որ Ազրպէյճանը ռուսաստանեան ժամանակակից սպառազինութեան խոշոր ներկրող է հանդիսանում, ընդ որում, ի տարբերութիւն Հայաստանի, վճարում է իրական փողով, ազրպէյճանցի խորհրդարանականն արձանագրում է. «Այս համագործակցութիւնը երկարաժամկէտ բնոյթ է կրում, քանի որ, սպառազինութեան նոր խմբաքանակներ ձեռք բերելու հետ մէկտեղ այն նախատեսում է պահեստամասերի գնում, զինատեսակների սպասարկում, հայրենական մասնագէտների պատրաստում: Քննարկւում է նաեւ նոր բազմամիլիառ պայմանագրերի կնքման հնարաւորութիւնը` նորագոյն զինատեսակների ձեռքբերման համար»:

Պատգամաւորի դիտարկմամբ, «Ի շարս այդ գործօնների, որոնք, անկասկած,  հիմնարար են, ՀԱՊԿ-ին մասնակցութեան հետ կապուած են այնպիսի տնտեսական առաւելութիւններ, ինչպիսիք են այդ կազմակերպութեան մասնակից երկրի կողմից սպառազինութեան գնումների արտօնեալ գները, ինչպէս նաեւ զինուորական մասնագէտների ուսումնառութիւնը` ՀԱՊԿ գործընկերների  առաջատար մասնագիտական կրթական հաստատութիւններում: Ուստի արժէ, որպէսզի  ամենայն ուշադրութեամբ վերաբերուենք ՀԱՊԿ-ին Ազրպէյճանի հնարաւոր անդամակցութեան գաղափարին»:

Իսկ ինչ վերաբերում է այն հանգամանքին, որ Ազրպէյճանը կարող է դառնալ մի կազմակերպութեան մասնակից, որի անդամ է Հայաստանը, ապա Հուսէյնլու համոզմամբ, դա առանձնակի գլխացաւանքի խնդիր չէ. «Ազրպէյճանն արդէն մասնակցում է մի քանի միջազգային կազմակերպութեան, որոնցում ներկայացուած է նաեւ Հայաստանը: Այն բանի համար, որպէսզի աշխարհի բոլոր ամպիոններում հնարաւորութիւն ունենանք մերկացնելու այդ նախայարձակ-երկրի զաւթողական քաղաքականութիւնը, մենք պարզապէս պէտք է լինենք այնտեղ, որտեղ նա ներկայացուած է: Բացի այդ, մենք կարող ենք չէզոքացնել հայերի էժանագին փաստարկն առ այն, թէ իբր մարտական գործողութիւնների վերսկսման դէպքում Հապկ-ն կը պաշտպանի իրենց»:

Ահա թէ ինչու, եզրայանգում է Միլլի մեճլիսի պատգամաւորը, «Ես համարում եմ, որ հաշուի առնելով արդի իրողութիւնները, նոր աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, Հարաւային Կովկասում Ազրպէյճանի առաջատար դիրքորոշումը եւ մեր երկրի յարաճուն ռազմական հզօրութիւնը, նպատակայարմար կը լինէր քննարկել ՀԱՀԿ-ին մեր մասնակցութեան հարցը»: Այդ կազմակերպութիւնում Ազրպէյճանի ներկայութիւնը, ասում է նա, հնարաւորութիւն կը տայ ոչ միայն դիտարկել, այլեւ ներգործել ՀԱՊԿ-ում տեղի ունեցող գործընթացների վրայ: Ընդ որում, կարելի է սկսել այդ կազմակերպութիւնում դիտորդ-պետութեան կարգավիճակից:

Ազրպէյճանի իշխանական վերնախաւի ներկայացուցչի նկատառումները, անշուշտ, կարելի է դիտարկել որպէս պաշտօնական Պաքուի դիրքորոշման արտայայտութիւն: Բայց որպէսզի դրանք միանշանակ ու վերջնական կողմնորոշման տպաւորութիւն չթողնեն, քարոզչական խաղի կանոնների համաձայն, որպէս բազմակարծութեան արտայայտութիւն, Պաքուն հրապարակ է նետել նաեւ իբր թէ ընդդիմադիր կեցուածքի  մէկ այլ քաղաքական գործչի` 1998-1999թթ. Ազրպէյճանի արտգործնախարար աշխատած  Թոֆիք Զուլֆուկարովի արմատականօրէն հակառակ կարծիքը, ըստ որի,  ՀԱՊԿ-ին Ազրպէյճանի անդամակցութիւնն անհնարին է Հայաստանի մասնակցութեան պատճառով: Ըստ Զուլֆուկարովի, որ նա յայտնել է մէկ այլ իշխանամէտ լրատուամիջոցի` «Թուրան» լրատուական գործակալութեանը տուած հարցազրոյցում,  Ազրպէյճանը կարող է ՀԱՊԿ անդամ դառնալ միայն Արցախի հակամարտութեան հանգուցալուծման դէպքում: Նա նշել է, որ կազմակերպութեանն Ազրպէյճանի միանալու հարցը կարող է դիտարկուել միայն, իր իսկ արտայայտութեամբ, «բռնագրաւուած տարածքներն ազատագրելու» եւ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման դէպքում: Նախկին նախարարի խօսքով, իրադարձութիւնների նման զարգացումը հեռու է իրականութիւնից, իսկ դրա պատճառը Ռուսաստանի դիրքորոշումն է Լեռնային Ղարաբաղի  հակամարտութեան հարցում, երբ ռուսաստանեան որոշ շրջանակներ ստեղծում են մի իրավիճակ, որպէսզի հակամարտութիւնն այդպէս էլ լուծում չստանայ: Աւելի՛ն. նախկին նախարարը պնդում է, որ` «Ռուսաստանի կողմնակալ դիրքորոշումը թոյլ է տալիս հայկական կողմին բանակցային սեղանի շուրջ հանդէս գալ ծայրայեղական դիրքից, ինչն էլ թոյլ չի տալիս հասնել բանակցային գործընթացում առաջխաղացման»: Իսկ եթէ խօսքը վերաբերում է Ազրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ առաւել սերտ համագործակցութեանը, ընդգծում է Զուլֆիկարովը, ապա Մոսկուան պէտք է արմատապէս փոխի իր դիրքորոշումը եւ բացայայտ յայտարարի այդ մասին:

Ինչպէս տեսնում ենք, Պաքուն հաւասարակշռում է քարոզչական կշեռքի նժարները` նոյն այդ սկզբունքով հանրային հրապարակ նետելով իրարամերժ այլ տեսակէտներ ու կարծիքներ եւ, ըստ երեւոյթին, այդպիսով իսկ շօշափելով առանձնապէս Մոսկուայի հնարաւոր վերաբերմունքը:

Իսկ  ինչպիսի՞ն է այն` նոյն այդ մոսկովեան վերաբերմունքը: Այս առումով, կարծում եմ, իրատեսական է «Նորավանք» հիմնադրամի Քաղաքական հետազօտութիւնների կեդրոնի ղեկավար Կարէն Վերանեանի տեսակէտը, որ նա յայտնել է Tert.am լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցում: Փորձագէտի դիտարկմամբ,  «Ռուսաստանի համար սա նաեւ յաւելեալ լծակ կարող է լինել Ազրպէյճանի վրայ` Ազրպէյճանին որոշակիօրէն կտրելու համար Թուրքիայի ռազմական, զինական ազդեցութեան գօտուց»: Այս հարցում, ասում է նա,  ռուսական կողմը ոչ բացայայտ, ոչ հրապարակային իր դրական կարծիքն արտայայտում է: Այլապէս` «չեմ կարծում, որ ազրպէյճանական կողմը վստահօրէն փորձեր պատգամաւորների, այն էլ Ազրպէյճան-Ռուսաստան միջխորհրդարանական բարեկամական խմբի ղեկավարի մակարդակով հնչեցնէր այս մասին»:

Անշուշտ, ինչքան էլ իրական լինեն ՀԱՊԿ-ին Ազրպէյճանի անդամակցութեան Մոսկուա-Պաքու զոյգի ծրագրերը, սակայն, համաձայնենք «Լրագիր» լրատուական կայքի մեկնաբան Նայիրա Հայրումեանի տեսակէտի հետ, որ թէ՛ Ռուսաստանում, թէ՛ Ազրպէյճանում գիտեն` դա կարող է տեղի ունենալ միայն ՀԱՊԿ-ի հետ Հայաստանի կոշտ առճակատման գնով: Երեւանը չի կարող համաձայնուել այդ ռազմաքաղաքական դաշինքում Ազրպէյճանի անդամակցութեանը, ինչը նշանակում է, որ Մոսկուան ստիպուած է լինելու բարդ ընտրութիւն կատարել: Այդ ընտրութիւնը դժուար թէ Հայաստանի օգտին չլինի, եթէ, ի հարկէ, Մոսկուան հոգու խորքում արդէն հրաժեշտ չի տուել Հայաստանին:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

«Ֆաքս» Պատկերասփիւռի Ջախջախիչ Յարձակումը Թուրքիոյ Եւ Էրտողանի Վրայ

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Մինչ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հակամարտութիւնը կը շիկանայ, Թուրքիոյ անխելք նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը չի հասկնար, որ շարունակելով կեղծ մեղադրանքներով պահել ամերիկացի պատուելի Էնտրու Պրանսընը, մեծ հարուած կը հասցնէ Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ իր` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հարցին: Խելամիտ այլ թուրք ղեկավար մը շատոնց ազատ արձակած կ՛ըլլար պատուելի Պրանսընը` եւ կը պահպանէր ռազմական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ:

Թէեւ թրքական կառավարութիւնը տարիներ շարունակ միլիոնաւոր տոլարներ կը վճարէ ամերիկեան լոպիիստական եւ հանրային յարաբերութիւններու (PR) ընկերութիւններուն, այսուհանդերձ, անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ պաշտպանել Թուրքիոյ հեղինակութիւնը Էրտողանի անխոհեմ վարքագիծին դէմ:

Ամէն անգամ, երբ Էրտողան կը բանայ իր բերանը կամ անմիտ քայլ մը կ՛առնէ, ան աւելիով կը վնասէ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն այլ երկիրներու հետ` յիշեցնելով աշխարհին եւ ամրապնդելով վաղուց հաստատուած «բարբարոս թուրքի» կերպարը:

Ահա բացասական հանրային յարաբերութեան օրինակ մը, զոր Էրտողան յառաջացուցած է ամերիկեան լրատուական միջոցներու ծիրին մէջ` իր սեփական երկրին դէմ: Լիզա Քենետի` Մոնթկոմըրի «Ֆաքս» ընկերութեան առեւտրական պատկերասփիւռի կայանին մէջ, որ նախագահ Թրամփի սիրած ալիքն է, 18 օգոստոսին ջախջախիչ յարձակում գործեց նախագահ Էրտողանի վրայ: Անոր մեկնաբանութիւնները դիտող միլիոնաւոր ամերիկացիներէն բացի` 662 հազար այլ մարդիկ եւս դիտեցին զայն «Ֆէյսպուք»-ի վրայ եւ շատ ուրիշներ` «Թուիթըր»-ի: Քենետի նոյնիսկ յիշատակեց Հայոց ցեղասպանութիւնը` իբրեւ Թուրքիայէն վրէժ լուծելու միջոց:

«Ինչպէ՞ս կ՛անարգեմ քեզ, Էրտողա՛ն: Հաշուեմ միջոցները: Թուրքիոյ նախագահը իր երկիրը կը դնէ դիւանագիտական ողբալի վիճակի մէջ` մերժելով ազատ արձակել ամերիկացի պատուելին` մեղադրելով զայն «ահաբեկչութեամբ»: Կեղծ յանցանքը անհիմն բան է հոտած թրքական լոխումին նման. թէեւ Էրտողան իր իշխանութիւնը կեդրոնացուցած է կեղծ ընտրութիւններու, լրագրողներու բանտարկութեան եւ մտաւորականներու մաքրագործման վրայ, սակայն ան չէր սպասեր, որ կրնայ ուժեղ այլ մարդ մը զինք տապալել: Մեր նախագահը զզուած է Թուրքիոյ վիրաւորական յայտարարութիւններէն, եւ դատարկ խօսքերու փոխարէն` նախագահ Թրամփ ելեկտրոնային հուժկու ապտակ մը հասցուց Էրտողանին` գրառում կատարելով «Թուիթեր»-ի վրայ. «Ես տակաւին նոր դասաւորում մը կատարեցի` կրկնապատկելու պողպատի եւ ալիւմինիոմի հարկերը Թուրքիոյ նկատմամբ, որովհետեւ անոր դրամը` թրքական լիրան, սրընթաց անկում կ՛ապրի մեր ուժեղ տոլարին դիմաց… Ալիւմինիոմի հարկը այժմ կը դառնայ 20 տոկոս, իսկ պողպատինը` 50 տոկոս: Մեր յարաբերութիւնները ներկայիս լաւ չեն Թուրքիոյ հետ…»:

Քենետի շարունակեց իր քննադատութիւնը` ըսելով. «Անոնք (Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները) ե՞րբ լաւ եղած են: Թրքական կառավարութիւնը խայտառակութիւն է, եւ նախորդ վարչակազմերը կա՛մ գրկած են զանոնք, կա՛մ ձեռքերը ծալած` նստած, երբ հիւրընկալ գորգ փռած են եւ դռները բացած «Այսիսի»-ի (ՏԱՀԷՇ) առջեւ անընդհատ մտերմանալով Ռուսիոյ հետ: Ասիկա մեր ռազմավարական գործընկերը չէ: Ասիկա կաշառակեր, մարդասպան վարչակարգ է, որ պէտք է դուրս շպրտել ՕԹԱՆ-էն` մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման համար, դեռ չխօսինք ռուսերուն յետոյքը համբուրելուն մասին. անոնք իբր թէ տարածաշրջանի ամէնէն մեծ սպառնալիքն են: Այժմ, անշուշտ, եղած են փոխադարձ սպառնալիքներ: Հիմա Էրտողան կ՛ըսէ, որ «ԱյՖոն»-ը դուրս կը նետէ շուկայէն, կարծես թէ մարդիկ հոն կրնան այդ բջիջայինը օգտագործել` ուժերը համախմբելու, իրենք զիրենք հարստացնելու եւ ազատութիւն փնտռելու համար մարդասպան վարչակարգէն, որ կը փափաքի համընդհանուր վերահսկողութիւն, եւ կ՛ուզէ տապալել համաշխարհային տնտեսութիւնը` ապացուցելու համար մանկական դիրքորոշում մը… Եւ մինչ մենք ասոր մէջ ենք, եւ մինչ նախագահը (Թրամփ) զայրացած է, եթէ ան իրապէս կը փափաքի իր նոր գործընկերը` Քիմ Քարտաշեանը երջանկացնել, ան պէտք է պաշտօնապէս, կրկին եւ վերջնականապէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ ոչ թէ «հարց» է կամ «ցաւալի իրադարձութիւններու շարք», այլ սառնասիրտ սպանդ` 1,5 միլիոն մարդոց, որոնց յիշողութիւնը չի ջնջուիր նափոլէոնեան ոեւէ տխմարի մը կողմէ: Ազատ արձակէ պատուելի Էնտրու Պրանսընը, նախագա՛հ Էրտողան, եւ վախցիր (նախագահ Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճան Ռ. Պոլթընի) պեխերէն, որովհետեւ Պոլթըն ռազմատենչ է: Ուրեմն, յանուն աշխարհի խաղաղութեան` համակերպէ եւ ձայնդ կտրէ, որպէսզի չկործանիս…»:

Իրավիճակը աւելի բարդացնելով` 17 օգոստոսին Էրտողանի մասին Թրամփ յայտարարեց ամերիկացի լրագրողներուն. «Թուրքիա խնդիր եղած է երկար ատեն: Անոնք բարեկամի պէս չեն վարուած: Մենք կը տեսնենք, թէ ինչ կ՛ըլլայ: Անոնք հիանալի քրիստոնեայ հովիւ ունին: Պատուելի Պրանսըն հրաշալի մարդ է: Անոնք յառաջ մղեցին այդ կեղծ մեղադրանքը, իբր թէ ան լրտես է, իսկ ան լրտես չէ: Հիմա ան կը դատուի, եթէ այդ մէկը կ՛անուանէք «դատավարութիւն»: Անոնք պէտք է շատոնց վերադարձուցած ըլլային զայն: Եւ, իմ կարծիքով, Թուրքիա շա՜տ շա՛տ վատ վարուած է: Այնպէս որ, այս հարցը դեռ չէ աւարտած: Մենք չենք պատրաստուիր մեր ձեռքերը ծալած նստելու: Անոնք չեն կրնար բռնել մեր մարդիկը: Ուրեմն կը տեսնէք, թէ ի՛նչ կ՛ըլլայ…»:

Մինչ հայերը չափազանց տպաւորուած են Թրամփի սպառնական խօսքերէն, անոնք պէտք է յիշեն, որ հակառակ Թուրքիոյ հակաամերիկեան եւ հականաթոյական տասնեակ տարիներու քաղաքականութեան` Արեւմուտքը կը շարունակէր գովաբանել Թուրքիոյ ղեկավարները:

Արեւմուտքի մէջ ոչ ոք կրցաւ Թուրքիան իր տեղը դնել: Եթէ վաղը անկանխատեսելի Էրտողանը ազատ արձակէ պատուելի Պրանսընը, ես կը վախնամ, որ Թրամփ կը սկսի գովաբանելու Էրտողանը այնպէս, ինչպէս` Հիւսիսային Քորէայի Քիմ Ճան Եունի եւ Ռուսիոյ Վլատիմիր Փութինի պարագային…

Նախագահ Թրամփ պէտք չէ մոռնայ, որ պատուելի Պրանսընը պահելէն բացի` Թուրքիա 1974-ին ներխուժած եւ գրաւած է հիւսիսային Կիպրոսը, իրաքեան պատերազմին ընթացքին արգիլած է ամերիկեան զօրքերու անցքը Թուրքիայէն հիւսիսային Իրաք, հիւսիսային Սուրիոյ մէջ յարձակած է Միացեալ Նահանգներու դաշնակից քիւրտերու վրայ, կը պատրաստուի գնել ռուսական Էս.-400 հրթիռներու համակարգը` հակառակ ՕԹԱՆ-ի դիտողութեան, օգնած է շրջանցել Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները եւ աջակցած է ՏԱՀԷՇ-ի ահաբեկիչներուն` Թուրքիայէն Սուրիա մուտք գործելու պահուն:

Նոյնիսկ եթէ պատուելի Պրանսընը ազատ արձակուի, պէտք չէ ներել Թուրքիոյ` իր բազմաթիւ սխալներուն համար: Այնպէս, ինչպէս վերջերս առաջարկած էին շարք մը վերլուծաբաններ, պէտք է Թուրքիան անմիջապէս դուրս շպրտել ՕԹԱՆ-էն:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 


Թրքական Պահանջները Առաւել Բարդացուցած Են Կացութիւնը

$
0
0

Ա. Ա.

Տնտեսաքաղաքական շահերու բախման բաւական ցայտուն բեմագրութիւն մըն է Միացեալ Նահանգներ – Թուրքիա տագնապը, որ բնականաբար ունի մէկէ աւելի ծալքեր, մանաւանդ եթէ մեր ընթերցողները ի մտի ունենան Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԷՇ-ի եւ իսլամական ծայրայեղական տարբեր հատուածներու դէմ շղթայազերծուած պատերազմին մէջ, Թուրքիոյ վստահուած դերակատարութիւնը:

Մինչ թուրքեւամերիկեան տարակարծութիւնները կը յամենան, իսկ թրքական լիրան թէեւ` ոչ անցեալ շաբաթներու կշռոյթով, կը շարունակէ արժեզրկուիլ, նոր տուեալներու բացայայտումը առաւել լոյս սփռեց տագնապին տուն տուող պատճառներուն վրայ: Նախ յստակացաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, Էրտողանի հետ պայմանաւորուած է` կրօնական Էնտրիւ Պրանսընի ազատ արձակման դիմաց միջնորդել Իսրայէլի իշխանութիւններուն մօտ, որպէսզի ազատ արձակեն Թուրքիոյ քաղաքացի դերասանուհի Էպրու Օզքանը: Ան Իսրայէլէն Թուրքիա վերադարձին ձերբակալուած էր` Համասի հետ գործակցելու յանցանքով:

Հարցը այն է, որ Թրամփ չափազանց զայրացած է, որովհետեւ իսկապէս միջնորդած է իսրայէլացիներուն մօտ, որոնք ազատ արձակած են դերասանուհին: Լաչակաւոր Օզքան ապա Թուրքիա վերադարձած է ողջ եւ առողջ: Եւ ահա թուրքերը, փոխանակ` այս միջնորդութեան դիմաց Պրանսընը ազատ արձակելու, նոր պայմաններ դրած են` պահանջելով, որ ամերիկեան արդարադատութիւնը փակէ Թուրքիոյ պետական մեծագոյն դրամատան` Հալքպանքի դատական թղթածրարը, ուր միլիառաւոր տոլարի տուգանք նախատեսուած է, որովհետեւ դրամատունը անսալով թուրք պաշտօնատարներու հրահանգներուն` Իրանին օժանդակած է, որպէսզի կարենայ ամերիկեան տոլար ձեռք ձգել եւ ոսկիի վաճառք կատարել: Այս խնդրին դերակատարները այդ օրերու վարչապետ Էրտողանի կառավարութեան նախարարներ են:

Թրամփին համբերութիւնը հատած է, երբ իմացած է, որ էրտողանը այս անգամ նոր պահանջ ունի: Եւ ահա, առանց երկմտանքի ստորագրած է Թուրքիոյ դէմ տնտեսական որոշ պատժամիջոցներու հրամանագիրը` Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա տագնապը պայթեցնելով:

Այս զարգացումներուն զուգահեռ, բաւական ուշագրաւ եղաւ նաեւ եւրոպացիներուն հակազդեցութիւնը: Մինչ առաջին օրերուն ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, որ յատկապէս Ֆրանսա եւ Գերմանիա օժանդակութեան ձեռք պիտի երկարեն Թուրքիոյ նախագահին` զայն մետասաներորդ պահուն տագնապէն դուրս բերելով, սակայն գերմանացիները պաղ ջուր լեցուցին Էրտողանի գլխուն, երբ Եւրոպական Միութեան պիւտճէական հարցերով յանձնակատար գերմանացի Կունթըր Օթինկըր յայտարարեց, որ Թուրքիոյ դրամական օժանդակութիւնը ոչ թէ Գերմանիայէն կամ Եւրոպական Միութենէն, այլ Դրամական միջազգային ֆոնտէն պէտք է հասնի: «Թուրքիոյ օժանդակելը Գերմանիոյ պարտականութիւնը չէ», շեշտեց ան:

Գերմանիոյ Քրիստոնեայ դեմոկրատ միութեան ընդհանուր քարտուղար Աննեկրեթ Քրամփ Քարընպէօր աւելի առաջ գնաց: Ան հաստատեց, որ կուսակցութեան ղեկավար մարմինի ժողովին ընթացքին Անժելա Մերքել համոզում յայտնած է, որ Թուրքիոյ դրամական օժանդակութիւն կատարելը ներկայ փուլին նպատակայարմար չէ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի այս տագնապին ամէնէն մտահոգիչ երեսին` Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԷՇ-ի դէմ յայտարարուած պատերազմին ընթացքին թուրքեւամերիկեան զինուորական գործակցութեան, ապա Փենթակոն աճապարեց իր զօրավարներէն մէկուն` Ռոպ Մաննինկի բերնով հաստատելու, որ Թուրքիոյ հետ զինուորական գործակցութիւնը ընդհատելու ոչ մէկ միտում կայ: Ասիկա կը նշանակէ, որ քաղաքական տագնապը կրնայ յամենալ, սակայն ՏԱՀԷՇ-ի դէմ մղուած պայքարին մէջ թուրքեւամերիկեան գործակցութիւնը պիտի շարունակուի, որովհետեւ երկու պետութիւններուն շահերը ատիկա կը պահանջեն:

Կը մնայ սպասել, թէ ի՛նչ աւարտ պիտի ունենայ այս տագնապը, որուն լուծման պատկերացումը շատ յստակ է ամերիկացիներուն համար, ինչպէս յայտարարեց ազգային ապահովութեան հարցերով Թրամփի խորհրդական Ճոն Պոլթընը: «Թուրքերը շատ արագ կրնան տագնապին վերջ տալ, եթէ Պրանսընը ազատ արձակեն առանց նախապայմաններու», յայտարարեց ան Իսրայէլ կատարած իր այցելութեան ընթացքին:

 

Սլաքներ. Բայց Կարելի՞ Է Վարժուիլ…

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Աշխարհը տագնապի մատնող ռազմական թէ բնական պատահարներուն ի տես` կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ դէպքերու ղեկը շարժողները մարդկութեան` ունին հին-նոր պատգամ մը. վարժուեցէ՛ք դառնութիւն պատճառող վիճակներուն:

Բացատրենք քանի մը նորագոյն օրինակներով:

Եմէնի պէս երկիր մը քանի մը տարիէ ի վեր միացած է Միջին Արեւելքը հարուածող ռազմական փոթորիկի զոհերու շարքին: Ամէն օր, սէուտական ու դաշնակից օդանաւեր, յստակօրէն խրախուսուելով Ուաշինկթընէն ու գործակիցներէ, մահ ու աւեր կը սփռեն պատմութեան մէջ «Երջանիկ Արաբիա» կոչուած երկրին մէջ. արեւմտեան լրատու աղբիւրներ երբեմն ձանձրոյթը կը կրեն իմացնելու, որ բազմատասնեակ մանուկներ ալ խմբովին զոհ գացած են յարձակումներուն: Սովն ու քոլերան  դաշնակից են ռազմական յարձակումներուն: Կասեցման իսկական ճիգէ հեռու կանգնելու բազմապիսի պատրուակներ կը տրուին, կարծէք թէ ազնիւ զգացումներով շարժող մարդկութեան ըսելու` դեռ չվարժուեցա՞ք…

Սուրիոյ եւ Իրաքի քանդումը կը շարունակուի տարիներէ ի վեր: Տագնապը նման է բիւրեղապակիի, որ ունի բազմաթիւ երեսներ` մէկը միւսէն աւելի՛ սեւ ու կարմիր, դաժանութեան մէջ` վայրա՛գօրէն իրարու մրցակից: Մեծերուն խաղը ունի նոյն թելադրանքը. վարժուեցէ՛ք…

Իսրայէլի իշխանութիւնները իրենք իրենց հետ մրցումի մէջ են… բրտութեան ու վայրագութեան, մարդկային ամէն օրէնք ոտնակոխելու մէջ: Ամիսներէ ի վեր իրաւունք եւ արդարութիւն պահանջող պաղեստինցիներ հետեւողական կերպով զինեալ յարձակումներու թիրախ են, վերջերս որդեգրուեցաւ նաեւ սիոնականութիւնը դիմակազերծող օրէնք մը, որ Իսրայէլը հռչակեց հրեաներու երկիրը, այլ ժողովուրդներ գործնապէս դասուեցան երկրորդական կամ երրորդական քաղաքացիներ: Զիմպապուէի եւ Հարաւային Ափրիկէի նման երկիրներու մէջ շուրջ 40 տարի առաջ տիրապետող ցեղապաշտ ու խտրական քաղաքականութիւնը վերականգնած է Նեթանիահուի մականին տակ` ամերիկեան դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելու եւ խտրականութիւնը քաջալերող թրամփեան քայլերէն խրախուսուած: Հոս պատգամը շա՜տ աւելի յստակ կը հնչէ. 1948-էն ասդին ստեղծուած վիճակին ու անարդարութեան ինչո՞ւ չէք վարժուած տակաւին…

Թուրքիա, որ երբեմն ծանօթ հաշիւներով հրապարակ կու գայ Իսրայէլը քննադատողի դիրքէ, իր կարգին դիմակը վար առած է բազմաթիւ արարներով. աշխարհ տակաւին չէր կրցած վարժուիլ Իրաքի հիւսիսային շրջանէն ներս թափանցումներուն եւ քիւրտներու դէմ ջարդարար քաղաքականութեան (Իրաքի մէջ թէ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջաններ), եւ ահա, Թուրքիա աղաղակող կերպով զօրավիգ է «իսլամական պետութեան» յելուզակներուն, Իսրայէլի նման կ՛աջակցի անոնց, կ՛աշխատի Սուրիոյ հիւսիսային գօտիներ խլել, գաղթականներու թղթածրարը վերածած է շահաբեր աղբիւրի եւ շանթաժի լծակի… Անվերջանալի արարները ծանօթ են բոլորին: Թուրքիան իբր թէ ճնշումի ենթարկելու Ուաշինկթընի քայլերը, իսկ անոնց դիմաց` Էրտողանը իբր թէ իր կողմը սիրաշահելու Ռուսիոյ ճիգերը հին խաղի մը ահաւոր կրկնօրինակը կը բեմադրեն աշխարհի աչքերուն դիմաց. հարցումը կը կրկնուի` դեռ չէ՞ք սորված հին դասերը. պէտք է վարժուած ըլլայիք այս բոլորին…

Ռազմաքաղաքական ասպարէզէն անդին աշխարհի որեւէ մէկ գօտին զերծ չի մնար բնական աղէտներէ, որոնց մարդակերտ բաժինը օր ըստ օրը աւելի՛ կը բացայայտուի գիտնականներու կողմէ: Փոթորիկներ եւ հրդեհներ, արտասովոր անձրեւներ ու ողողումներ, տաքի ու ցուրտի իրերայաջորդ անբնական ալիքներ… Նման աղէտներ միշտ ալ արձանագրուած են, սակայն այսօր, կեսոլորտին հանդէպ բիրտ վարմունքը, ըստ գիտնականներու, մեծ դեր ունի աղէտներու սաստկացման մէջ: Եւ սակայն պետական պատասխանատուներ կը մերժեն ընդունիլ գիտութեան ճիչը, զգուշացման եւ կանխարգելիչ միջոցներու ձեռնարկելու հրաւէրները: Կենսոլորտի դարմանումին ձգտող միջազգային համաձայնութիւններ, այլապէս` կարելի նուազագոյնը, կը յօշոտուին «գիտո՜ւն» պետական մարդոց կողմէ: Հոս ալ կը հնչէ նոյն քարոզը. վարժուեցէ՛ք կրկնուող ու ծանրացող աղէտներուն…

Այս կամ այն երկիր իրենց կամքին ենթարկելու մեծերու խաղերուն մէջ տնտեսական պաշարումներն ու պատժամիջոցները տնտեսական-ընկերային ահաւոր վիճակի կը մատնեն այլապէս հարուստ երկիրներու ժողովուրդները, զանգուածային հայրենալքումի ալիքներ կը տարածուին հոն-հոն: Մարդիկ ինչպէ՞ս կրնան ենթարկուիլ «վարժուեցէ՛ք» հրահանգին…

Հայաստանի մէջ ալ սկսած են նոր զարգացումներ, որոնք ընդհանրապէս դրական են, սակայն նաեւ կը «բարեխառնուին» մտահոգիչ քայլերով: Հոս, վարժութեան նոր ընթացք մըն է, որ կ՛ուրուագծուի աստիճանաբար…

Բայց կարելի՞ է վարժուիլ նոր աշխարհի հին խրատին…

21 օգոստոս 2018

Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթընփայի «Պակսող Էջերը» Գիրքը Կը Պատմէ Զէյթունի Աւետարանին Ոդիսականը

$
0
0

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

Շուտով լոյս կը տեսնէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի մշակոյթի պատմութեան մասնագէտ-դասախօս Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթընփայի «The missing pages. The modern life of a medieval manuscript from Genocide to justice» («Պակսող էջերը. միջնադարեան ձեռագրի մը արդի կեանքը` Ցեղասպանութենէն մինչեւ արդարութիւն») գիրքը, որ կը վերաբերի Զէյթունի Աւետարանին կորսուած 8 էջերուն:

Զէյթունի Աւետարանը 1256 թուականին ընդօրինակուած է Հռոմկլայի մէջ: Զայն գրած ու նկարազարդած է 13-րդ դարու լուսաւորիչ եւ մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլին` կաթողիկոս Կոստանդին Ա. Բարձրբերդցիի պատուէրով: Աւետարանը կը նկատուի հայկական մանրանկարչութեան գլուխ գործոցներէն մէկը: Անիկա նկարազարդուած է խորաններով, աւետարանիչներու պատկերներով, լուսանցազարդերով եւ զարդագիրերով:

Աւետարանը դարեր շարունակ պահուած է Զէյթունի աննշան եկեղեցիներէն մէկուն մէջ` մինչեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւն: Գաղթականներուն հետ երկար ճամբայ կտրած, երկուքի բաժնուած է: Ապա տարիներ ետք մատեանը հասած է Հայաստան եւ տեղ գտած` Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ: Այս միջոցին, սակայն, անկէ 8 էջեր կորսուած են:

Լոս Անճելըսի Կեթի թանգարանին մէջ յայտնուած են այդ 8 կորսուած էջերը, 1994-ին, երբ թանգարանը գնած է զանոնք Ցեղասպանութենէն վերապրած ամերիկահայ ժառանգորդներէ: Հայ եկեղեցին դատի տուած էր Կեթի թանգարանը` պնդելով, թէ ի՛նքն է օրինական սեփականատէրը այդ էջերուն: Իրաւական երկար պայքարը կ՛աւարտի փոխզիջմամբ, երբ Կեթի թանգարանը կ՛ընդունի հայոց եկեղեցւոյ օրինական սեփականատիրութիւնը, մինչ հայոց եկեղեցին որոշում կը կայացնէ մշակութային այդ հարուստ պատառիկները նուիրել թանգարանին:

Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթընփա վերոնշեալ գիրքով ուսումնասիրած է Զէյթունի Աւետարանի ամբողջ ոդիսականը` Զէյթունի եկեղեցիէն մինչեւ Հալէպի գաղթակայանները, Էլիս կղզի, Խորհրդային Հայաստան, ապա` Լոս Անճելըսի դատարանները: Ան կը նշէ, որ մշակոյթի թանկարժէք պատառիկներուն պատմութիւնը կ՛արտացոլացնէ ցեղասպանութիւն ապրած, գոյապայքար մղած ու վերապրած հայ ժողովուրդին պատմութիւնը:

Գիրքին հրապարակումը նախատեսուած է փետրուար 2019-ին: Նշենք, որ Հեղնար Զէյթլեան նաեւ հեղինակն է «The Image of an Ottoman City: Architecture in Aleppo» («Օսմանական քաղաքի մը պատկերը. Հալէպի ճարատարապետութիւնը», 2004) գիրքին: Անոր գրութիւնները յաճախ լոյս կը տեսնեն «Huffington Post»-ի եւ «Los Angeles Times»-ի մէջ:

https://www.sup.org/books/title/?id=23162

Ակնարկ. Պերլին –Պրիւքսելի Ինքնուրոյն Քայլերը` Հարաւային Կովկասի Մէջ

$
0
0

Գերմանիոյ վարչապետի այցելութիւնը Հարաւային Կովկաս կ՛արժէ դիտարկել տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական գործընթացներու ընդհանուր եղելոյթներու շրջագիծին մէջ:

Կարեւոր հանգամանքը այս պարագային այն է, որ Գերմանիոյ վարչապետը Եւրոպական Միութեան  իրողական ղեկավարն է եւ Հարաւային Կովկասի մէջ իր առած քայլերը ունին համաեւրոպական տարողութիւն:

Ուաշինկթըն-Մոսկուա պարանաձգային մրցակցութիւնը վաղուց թափանցած էր տարածաշրջան: Յարաբերութիւններու ելեւէջներու առընթեր կայուն կ՛ընթանային մրցակցային  կամ ազդեցութեան գօտի պահպանել-նուաճելու գործողութիւնները: Այժմ այդ պարանաձգութեան խաղի ընթացքին յաւելեալ ուժ ապահովելու փոխկիրարկման պահուն է, որ Եւրոպայի ղեկավարը կը ժամանէ Թիֆլիս-Երեւան-Պաքու:

Ժամանման վայրերու յաջորդականութիւնը ունի քաղաքական օրինաչափութիւն: Յայտնաբար յաջորդականութիւնը ճշդուած է Եւրոպական Միութիւն-տուեալ երկիր համարկման  կարգավիճակային յարաբերութիւնները նկատի ունենալով: Այսպէս. Թիֆլիս – Պրիւքսել կնքուած է  խոր եւ համապարփակ քաղաքական տնտեսական բաղադրիչներ ներառող համագործակցութեան համաձայնագիր, Պրիւքսել – Երեւան կնքուած է յատուկ ձեւաչափի հիման վրայ տնտեսական նուազ բաղադրիչով համագործակցութեան ընդլայնուած եւ համապարփակ համաձայնագիր, մինչ Պաքուի ուղղութեամբ Պրիւքսելը յայտարարած է, որ բանակցութիւնները աւարտած են, սակայն որեւէ փաստաթուղթ չէ ստորագրուած: Պրիւքսելը ո՛չ միայն չէ ստորագրած, այլեւ Եւրոպական խորհրդարանը պայմաններ յառաջ քշած է` քննադատելով եւրոպական արժէքներուն հակադրուող Պաքուի կիրարկած յատկապէս ներքին քաղաքականութիւնը:

Տարածաշրջանին մէջ Ուաշինկթըն-Մոսկուա մրցակցութեան մէջ ինքնուրոյն դեր վերցնելու միտուած Պերլինի եւ այս պարագային նաեւ Պրիւքսելի քայլերու շարժառիթները կը լուսաւորեն այն, որ Մերքելը Թիֆլիսի մէջ ըսած է, թէ Գերմանիան չի կրնար «ոչ» ըսել Ռուսիոյ` կազի եւ նաւթի  մատակարարման հարցին մէջ:

Ան խօսած է  Ազրպէյճանէն կազ գնելու կարելիութեան մասին` նշելով, որ ատիկա, ի հարկէ, հաւանական է, սակայն այդ երկրէն կազի գնումը աւելի սուղ կ՛արժէ Գերմանիոյ: Ըստ Մերքելի, ռուսական կազը ամենամատչելին է:

Այստեղ պարզօրէն կ՛ըսուի, թէ Գերմանիան չ՛ընդառաջեր Ուաշինկթընի պահանջին` ռուսական տնտեսութիւնը պոյքոթելու առումով կամ չի միանար Մոսկուայի դէմ Ուաշինկթընի յայտարարած տնտեսական պատերազմին:

Բայց, միաժամանակ հակառակ անոր որ Թիֆլիսի մէջ Մերքելը չէր օգտագործեր «Ռուսիոյ կողմէ գրաւուած տարածքներ» եզրաբանութիւնը, ինչ որ ակնկալութիւնն էր Վրաստանի պետութեան, այնուամենայնիւ, կը յայտարարէր, որ 10 տարի առաջ ինք վճռականօրէն պահանջած էր դուրս  բերել  ռուսական զօրքը եւ տասը տարի անց կրկին կ՛աջակցի Վրաստանի տարածքային  ամբողջականութեան:

Չմիանալով Ռուսիոյ դէմ Ուաշինկթընի յայտարարած տնտեսական պոյքոթին` Եւրոպայի ղեկավարը կը  պահանջէ ռուսական զօրքերու դուրս բերուիլը Վրաստանէն:

Կը թուի, որ այս պահանջը գէթ այս պահու դրութեամբ յայտարարողական բնոյթ ունի. տասը տարի առաջ հնչած միեւնոյն պահանջը կը կրկնուի: Մինչդեռ ռուսական կազը տասը տարիէ ի վեր կը շարունակէ հոսիլ դէպի Եւրոպա. եւ գէթ Թիֆլիսի մէջ  կատարուած յայտարարութեան հիման վրայ`  պիտի շարունակէ հոսիլ:

«Ա.»

Գրողի Անկիւն. Մտորումներ` Համահայկական Կրթական 8-րդ Խորհրդաժողովի Մասին (Աղվերան –Հայաստան) 2-6 Օգոստոս 2018

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Նախաձեռնութեամբ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան, 2-6 օգոստոս 2018, Աղվերանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-սփիւռք Համահայկական 8-րդ կրթական խորհրդաժողովը, որուն հրաւիրուած էին Հայաստանէն եւ բազմաշերտ սփիւռքէն, Արցախէն, Ջաւախքէն ամէնօրեայ եւ միօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներ, տնօրէններ, փրոֆեսէօրներ, մշակութային, կրթական կեդրոններու, թեմական խորհուրդի անդամներ եւ ներկայացուցիչներ, վարիչներ, մասնագէտներ, աշխատակիցներ, դաստիարակներ, մեթոտիստներ եւ գիտաշխատողներ ու հիւրեր` աւելի քան 150 կրթական մշակներ:

Իբրեւ սոյն խորհրդաժողովի «Սփիւռքի տարածքին հայերէնի ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան հիմնահարցերը» քննող մասնակիցներէն մէկը` անմեղօրէն կ՛ուզեմ որոշ  չափով լոյսին բերել խորհրդաժողովին լիագումար եւ կամ մասնակի ժողովներու ընթացքին սրտբացօրէն արծարծուած մտահոգութիւններէն մինչեւ թելադրանք-առաջարկները, մինչեւ ամէն գաղութէ կամ շրջանէ ներս դիմագրաւուած հարցերն ու դժուարութիւնները:

Ու, ինչ մեղքս պահեմ, այս մեծածախս եւ բազմամարդ խորհրդաժողովի առաջին օրն իսկ ես ինծի համար հարց տուի, թէ մենք`  ներկաներս, իրապէս ո՞ւր կ՛ուզէինք երթալ եւ ո՞ր ուղղութեամբ քալել  եւ ինչպէ՛ս պիտի հասնէինք լուծումներու…

Ըստ իս, ներկայացուած կամ արծարծուած բազմազան խնդիրները այնքան ալ դիւրին կամ հեզասահ լուծուելիք ճամբաներ չունէին: Եթէ նոյնիսկ նման բաներ կային, այդ բոլորը պիտի կարօտէին լուրջ ուսումնասիրութիւններու, որոշ նիւթականի եւ մանաւանդ որոշ ժամանակի ու հետեւողական աշխատանքի:

Մէկ խօսքով, մեզ` մասնակիցներս տանջող մեծ խնդիր մըն էր այս մէկը:

Գնահատելի էր այն երեւոյթը, որ ամէն անգամ եւ ամէն առիթով ներկաներուն կողմէ շեշտուեցաւ, որ ազգային մեր լեզուն իր որոշիչ դերը ունէր մեր գոյութեան մէջ: Ասոր իբրեւ հարազատ ծնունդ` շեշտուեցաւ աշխարհի տարածքին հայ ըլլալու եւ մանաւանդ հայ մնալու առաջնահերթ խնդիրը:

Բայց, միւս կողմէ, խորհրդաժողովին մեր բոլորին անձնական կամ հաւաքական շփումները անկասկած իրենց բարերար դերն ու գործը ունեցան մեր մտքերու զարգացման բաժնէն ներս: Այսպէս, շեփորուեցան հայ գաղութններէ ներս եւ մանաւանդ հայ աշակերտին մօտ հայերէնախօսութեան նուազումը, անոր ունեցած բառապաշարի պակասը, այս ձեւով հայոց լեզուի նահանջը, յատկապէս շեշտուեցաւ արեւմտահայերէնի ուսուցման բացկայութիւնը հայրենիքի տարածքին, ինչպէս նաեւ` կրթական որոշ ծրագիրներու չգոյութիւնը, ամէնօրեայ եւ մանաւանդ միօրեայ վարժարաններու հարցերը անոնց ուսուցման կերպերն ու մեթոտները, յարմարագոյն դասագիրքերու զգալի բացակայութիւն ու այլ բազմաշերտ իրավիճակներ: Կային նաեւ հայկական դիմագիծի պահպանման ակունքէն ծնած կուտակուած խնդիրներ եւ հարցեր:

Կը յուսայի, որ կարելի պիտի ըլլար նաեւ ուսումնական եւ կրթական ծրագիրներու բարեփոխումներն ու արդիականացումները տեսնել եւ մանաւանդ` արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն նոր դասագիրք պատրաստելու կամ ունենալու ճշգրիտ ու կողմնորոշուած քայլերը լսել եւ տեսնել: Բայց յոյսս տակաւին չեմ կտրած:

Աւելցնեմ նաեւ, որ թէեւ կատարուած քննարկումներուն եւ հարցադրումներուն ընթացքին կը գիտակցէի, որ վերջ ի վերջոյ ներկայացուած մտահոգութիւնները որոշ չափով եւ ձեւով մեր բոլորին մօտ նոյնն էին, սակայն էականը այն էր, թէ ինչպէ՛ս եւ որքա՛ն շուտ կարելի պիտի ըլլար զանոնք լուծելը:

Վերջ ի վերջոյ մեզի համար հայեցի դաստիարակութեան նպատակն էր պատրաստել հայ անհատը հասարակական կեանքին, նաեւ` հայկական արժէքներ փոխանցել եւ ասոնց կողքին աշակերտներուն սրտին ու հոգիին մէջ նոր եւ արդի մեթոտներով հաւատք ներշնչել, հայու ոգի սերմանել եւ ինքնագիտակցութիւն արթնցնել, արեւմտահայերէնին զարկ տալ եւ, վերջապէս, հայութիւն ստեղծել: Այս բոլորին համար էական էր հայոց լեզուի արդի դասագիրքը, մեր մայրենի լեզուին (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն) մաքրութիւնն ու ճիշդ գործածութիւնը, անոր` օտար բառերէն զերծ մնալու ու մաքրագործուելու անհրաժեշտութիւնը, հայրենքի կամ սփիւռքի տարածքին, հաւասարապէս:

Որովհետեւ վերջ ի վերջոյ բոլորս ալ կը հաւատայինք, որ մեր ինքնութիւնը պահելու համար մայրենի լեզուի էականութիւնը նախապայման էր:

Արդ, խորհրդաժողովի ընդհանուր սովորական ընթացքը, շրջաններու պատասխանատուներուն հրամցուցած յաճախ երկար եւ երբեմն ալ աւելորդ ժամավաճառ տեղեկութիւնները, բանախօսներու արտասանած նիւթերն ու լուսաբանութիւնները եւ ժողովի աւարտին հապճեպ պատրաստուած ու դասական դարձած բանաձեւը անձնապէս ինծի լրջօրէն մտածել կու տան եւ առիթ կ՛ընծայեն հետեւեալ մատնանշումները առաջարկելու.

Այսպէս,

– Յաջորդ խորհրդաժողովները դուրս բերել իրենց ներկայ ընթացիկ, կաղապարուած եւ սովորական իրավիճակէն: Բծախնդրօրէն մօտենալ բանախօսներու եւ մանաւանդ մասնակիցներու եւ հիւրերու ցանկերու ընտրութեան կազմութեան:

– Իւրաքանչիւր խորհրդաժողովի սկիզբին պաշտօնապէս զեկուցել նախորդին կատարուած առաջարկներու ընդհանուր ճակատագրի մասին:

– Գործնականապէս (կրթական մշակներու) ներուժը համախմբելու եւ մէկտեղելու անհրաժեշտութեան մասին մտածել:

– Ապահովել նաեւ ներկայութիւնը հայ մամուլի` լրագրողներուն եւ, ինչո՞ւ չէ, իբրեւ կենսական արխիւ` լիագումար նիստերը տեսագրել:

– Շեշտել, որ արեւմտահայերէնը հայրենիքին մէջ դասագիրքերու միջոցով դառնայ նաեւ շնչող լեզու:

– Բոլոր բանախօսները եւ շրջաններու զեկուցողները իրենց ներկայացնելիքները, հակիրճ ու գրաւոր կերպով, նախապէս ժողովականներուն յանձնել:

– Խորհրդաժողովները մասնագիտական բաժանմունքներով դասաւորել եւ ներկայացնել:

– Անպայմանօրէն ապահովել ներկայութիւնը մեր նոր սերունդի այն ուսանողներուն, որոնք ընդհանրապէս ընտրած են կրթական ասպարէզը եւ դարձած են կամ պիտի դառնան կրթական մշակներ:

– Գաղութներու դասագիրքերու պատրաստութեան ատեն անպայման հայրենի ընտրեալ յանձնախումբին մէջ ներառել սփիւռքի այդ շրջանի յատուկ փորձառու կրթական մասնագէտներու ներկայութիւնն ու կարծիքը:

– Էական եւ անհրաժեշտ է մօտէն հետեւիլ սոյն ժողովներուն առնուած քայլերուն, առաջարկներուն եւ կամ որոշումներու իրագործման:

– Նոր դասագիրքեր պատրաստելու էականութեան կողքին, անպայման նոր ուսուցիչներ պատրաստելու ծրագրին պատրաստութիւնն ու անմիջական իրագործումը շեշտել:

Ուստի յաջողութիւն եւ վարձքը կատար բոլորին: Մինչ` յաջորդ հանդիպում:

bedig43@aol.com

 

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live