Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12097 articles
Browse latest View live

Ո՞վ Է Դաշնակցականը. Դաշնակցականը Եւ Հայրենիքի Տարածքը

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Նախ` պատմական արագ ակնարկ մը:

ՀՅ Դաշնակցութեան ու հայ ժողովուրդի քաղաքական-ռազմավարական միտքի հսկաներէն Ռուբէն Տէր Մինասեան տեղ մը կը հաստատէ. «Դաշնակցականին երբ Հայաստան ըսես, ան կը տկարանայ»:

Ապացոյցի պէտք չկայ հաստատելու համար, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հիմնուեցաւ հայրենիքին, Հայաստանի համար: Այդ օրերուն (1890) հայրենիք հասկացողութիւնը պետական-քաղաքական սահմանում չունէր, այլ` զուտ աշխարհագրական-պատմական: Դեռ աւելի՛ն, սկզբնական տարիներուն (մինչեւ 1907) դաշնակցականին համար «հայրենիքը», «երկիրը» Հայաստան աշխարհի այն մասն էր, որ կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ, օսմանեան բռնատիրութեան տակ: Եւ ուրեմն, օրակարգի հիմնական խնդիրը «թուրքաց Հայաստանը», կամ «Տաճկահայաստանը» զինեալ յեղափոխութեամբ ազատագրելու առաջադրանքն էր, «ապագայ ազատ Հայաստան»-ը ստեղծելու համար:

Սկզբնական Հանգրուանը

1894-ին լոյս տեսած մեր առաջին ծրագիրը եւ անոր նախորդող մանիֆեստը այս քաղաքական առաջադրանքը ունէին` նշեալ բառապաշարով: Հոն, բնականաբար, քաղաքական բանաձեւումի իմաստով, աղօտ էին «թուրքաց Հայաստան», «Տաճկահայաստան» եւ «ապագայ ազատ Հայաստան» բնորոշումները: Այս բառապաշարային պատկերացումները բնականաբար չունէին միջազգային օրէնսդրութեան յատկանիշները, սակայն Դաշնակցութեան ու դաշնակցականին համար մէկ բան շատ յստակ էր, որ Հայաստանը (ինչ որ են անոր քաղաքական սահմանները) կը գտնուի օտար լուծի տակ, հայութիւնը կը հալածուի, կը հարստահարուի նոյն այդ օսմանեան լուծին տակ եւ անհրաժեշտ է զէնքի ուժով ազատագրել հայն ու իր հայրենիքը ու ստեղծել «ապագայ ազատ Հայաստանը»: Ա՛յս էր նորակազմ Դաշնակցութեան յարած հայ մարդուն մտակառոյցը: Կռուիլ` եւ եթէ հարկ է` մեռնիլ ի խնդիր Երկիրի ազատագրումին: Իսկ «Երկիր»-ը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` միայն ու միայն «թուրքաց Հայաստանը» (մանիֆեստին եւ առաջին ծրագիրի բնորոշումով):

Իսկ այս ազատագրական պայքարին գաղափարական հիմքը ընկերվարութիւնն էր, որ կ՛առաջադրէր ստեղծել ազատ, անկախ ու գերիշխան պետութիւններու խաղաղ գոյակցութիւն մը, ձգտիլ ստեղծելու ժողովուրդներու եւ պետութիւններու` համահաւասարութեամբ յատկանշուող հասարակարգ մը, հիմնուած փոխադարձ յարգանքի սկզբունքին վրայ: Կացութաձեւ մը, ուր թէ՛ միջպետական եւ թէ՛ ներազգային հարթութիւններու վրայ գոյութիւն չունենան իշխողներ եւ իշխուողներ, շահագործողներ եւ շահագործուողներ: Տարբեր խօսքով, ընկերային այնպիսի համակարգ մը, որ յատկանշուի ընկերային ու տնտեսական ազատութիւններով, ուր քաղաքացին վայելէ այն ազատութիւնը, որ թթուածինի նման անհրաժեշտ է ստեղծագործելու, աշխատելու իր բնական ձգտումին համար. ազատ համակարգ մը, որ երաշխաւորէ նոյն այդ ազատ քաղաքացիին` վայելելու իր արդար քրտինքին վաստակը, արդիւնքը:

Կասկած չկայ, որ «Հայաստան» հասկացողութիւնը դաշնակցական քաղաքական միտքին համար ամբողջակա՛ն Հայաստանն էր, նոյնիսկ երբ այդ «ամբողջական»-ին աշխարհագրական սահմանները տակաւին չէին յստակացուած մեր առաջին ծրագիրով: Ապացոյցը այն է, որ երբ Քրիստափոր Միքայէլեան կ՛առաջադրէր պատռել այն բոլոր քարտէսները, որոնք գծուած էին այս կամ այն բռնատէրին կողմէ, իր մտքին մէջ չկար միայն Համիտ Բ.ը` բնականաբար: Քրիստափորի գրիչով բանաձեւուած դաշնակցական քաղաքական միտքին համար կայ մէկ Հայաստան, որ պիտի ծնի բռնապետներու կողմէ մեզի պարտադրուած իրավիճակին դէմ ըմբոստացումով, յեղափոխութեամբ:

1905-ին Կովկասի մէջ ծայր առած ծանրակշիռ դէպքերը նոր իրադրութիւն ստեղծեցին Դաշնակցութեան համար` թէ՛ գաղափարական եւ թէ՛ քաղաքական իմաստներով: Արդարեւ, հայ-թաթարական կռիւները, ինչպէս նաեւ հայ աշխատաւորութեան իրաւունքներու հետապնդումի խնդիրները օրակարգի նոր կէտեր աւելցուցին մեզի համար:

Դաշնակցութիւնը, մեկնելով կեանքի այս նոր պարտադրանքներէն, թէ՛ լծուեցաւ հայութիւնը ֆիզիքապէս պաշտպանելու գործին եւ թէ՛ Կովկասի ճարտարուեստական կեդրոններուն մէջ հայ աշխատաւորութեան շահերու պաշտպանութեան:

1907-ին գումարուած ՀՅԴ Դ. Ընդհանուր ժողովը, գաղափարական իմաստով (վերամշակուած Ծրագիրին ընդմէջէն) արձանագրեց ու բանաձեւեց երկու կարեւոր նուաճումներ: Առաջինը այն էր, որ Դաշնակցութիւնը ԲՈՎԱՆԴԱԿ հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանն է, եւ ոչ թէ` միայն Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս հալածուող հատուածին: Երկրորդ, ընկերվարութիւնը կը մնայ մարդկութեան բարօր ու համերաշխ ապագան երաշխաւորող միակ գաղափարախօսութիւնը: Ծրագիրը կը հաստատէր, թէ ընկերվարութեան իրագործումը չի պահանջեր «ազգերու ի սպառ ձուլումը», այլ կ՛առաջադրէ պահպանել իւրաքանչիւրին առանձնայատկութիւնները եւ ազգերու համերաշխ գոյակցութեամբ ապահովել մարդկութեան բարօր ապագան:

Հետեւաբար դաշնակցական մարդուն հոգեկերտուածքին մէջ ստեղծուեցաւ նոր շերտաւորում մը, որ իրականութեան մէջ հարստացուց նոյն այդ կերպարը: Այսինքն դաշնակցականը այն մարդն է, որ կը պաշտպանէ հայութեան շահերը, ինչ բնոյթ որ ունենան ատոնք (ընկերային-տնտեսական, թէ ֆիզիքական-ապահովական ու քաղաքական), եւ աշխարհագրականօրէն ուր որ ալ ըլլան հայն ու հայութիւնը: Առաւել, դաշնակցականին համար այլեւս չկայ կովկասահայ, կամ թրքահայ: Կայ միայն ու միայն հայը:

Սա պատմական նուաճում պէտք է համարել ոչ միայն դաշնակցական մարդուն, այլեւ 20-րդ դարասկիզբի ամբողջ կոտորակուած հայութեան համար:

Միացեալ Հայաստանի Գաղափարը

Ցարդ, ուրեմն, դաշնակցականի մտապատկերին մէջ զարգացում-անցում եղաւ` միայն «թուրքաց Հայաստան»-աբնակ հայէն դէպի համայն հայութիւն: Սակայն տակաւին կը պակսէր շատ կարեւոր բաղադրիչ մը` սեփական պետականութիւնը:

Այդ պետականութիւնը ստեղծուեցաւ, ինչպէս գիտենք (ու գիտենք նաեւ ինչ պայմաններու տակ), 1918-ին:

Անկախութեան հռչակման առաջին տարեդարձին, կառավարութիւնը Հայաստանը հռչակեց Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ: Սա թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ գաղափարական նուաճում մըն էր, որ ոչ միայն համահունչ էր ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական սկզբունքներուն, այլեւ, կարելի է ըսել, բխած էր նոյն այդ ակունքներէն: Այն հիմնաւորումով, որ 1918-ի հանրապետութեան մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունէր ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ու բնական պիտի ըլլար ակնկալել, որ ան իր գաղափարական եւ միաժամանակ քաղաքական մտածողութեան կնիքը դնէր նորաստեղծ իրականութեան մէջ` առանց սակայն նեղկուսակցական պրիսմակի:

Նոյն տարին գումարուած ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովը կուսակցութեան ծրագիրին մէջ որդեգրեց միացեալ, ազատ ու անկախ Հայաստանի գաղափարը` իբրեւ քաղաքական առաջադրանք, բան մը, որ ցարդ կը մնայ անփոփոխ մինչեւ այսօր:

Այս եւս պատմական զարգացում մըն էր ոչ միայն ՀՅ Դաշնակցութեան ծրագիրի հոլովոյթին, այլեւ դաշնակցական մարդու մտածելակերպին ու հոգեբանութեան մէջ: Դաշնակցական մարդը Հայաստանը կ՛ընկալէր միացեալ. այլեւս չկայ Արեւելահայաստան-Արեւմտահայաստան, կայ մէկ ու միակ Հայաստան` աշխարհաքաղաքական պայմաններու բերումով բաժան-բաժան եղած Հայաստանի միացումով: Իրականութիւն դարձած էր Քրիստափորի դիտարկումը, եւ հայութիւնը, անոր իսկ բնորոշումով, «պատռած էր» բռնապետներու կողմէ գծուած արհեստական սահմաններն ու գծած ի՛րը: Արդարութիւնը վերականգնած էր:

Ստեղծուած էր նոր իրականութիւն մը, ուր այլեւս դաշնակցական մարդուն յանձնառութիւնը ունէր աւելի՛ յստակ ու շօշափելի թիրախ եւ ուղղութիւն, որ այլեւս միացեալ հռչակուած հայրենիքն էր:

Յաջորդ տարի, 1920-ի օգոստոս 10-ին, Սեւրը, ապա Ուիլսընի իրաւարար վճիռը միջազգային օրէնքի ուժ տուին Միացեալ Հայաստանի գաղափարին, որ մաս կազմեց հանրապետութեան հիմնադրութեամբ հարստացած հայկական արժէքային համակարգին:

Սփիւռք Եւ Արցախի Ազատագրում

Հայաստանի խորհրդայնացումը, որուն ընկերացաւ Հայաստանի սահմաններու կտրատումը, դաշնակցական մարդու միտքին մէջ ոչ միայն չտկարացուց միացեալի գաղափարը, այլեւ տասնամեակնեով հանդիսացաւ այն հիմնական մղիչ ուժը, իտէալը, որուն վրայ խարսխուեցաւ սփիւռքի կազմակերպումը ՀՅԴ 10-րդ Ընդհանուր ժողովէն ետք:

«Սփիւռքահայ» դարձած էին թէ՛ Դաշնակցութիւնը եւ թէ՛ դաշնակցական մարդը ընդհանրապէս (*): Ու այս պայմաններուն մէջ, տասնամեակներով, դաշնակցական մարդը դաստիարակուեցաւ վերոնշեալ արժէքային համակարգին տիրութիւն ընելու յանձնառութեամբ: Ան տիրութիւն ըրաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական արժէքներուն, պատմութեան, սխրանքներուն, ու մեկնելով ասոնցմէ` տիրութիւն ըրաւ հանրապետութեան հիմնադրութեամբ հաստատուած արժէքներուն` եռագոյն դրօշ, զինանշան, օրհներգ, ու մանաւանդ` միացեալ, ազատ ու անկախ Հայաստանի գաղափար:

Այս արժէքային համակարգը մաս կազմեց դաշնակցական մարդու հոգեբանութեան, մտածելակերպին ու աշխարհահայեացքին ու այդ ձեւով ալ մղիչ ուժը հանդիսացաւ սփիւռք դարձած հայ մարդու տոկունութեան, ուծացումի նկատմամբ անոր ցուցաբերած դիմադրական կարողութեան:

Ահաւասիկ ա՛յս կերպարն էր, որ երբ դէմ յանդիման գտնուեցաւ 1988-ի փետրուարին ստեղծուած արցախեան նոր իրականութեան, անմիջապէս տրամաբանեց, որ հայրենիքի հողը ոչ թէ բաղձանքներով կամ «ռուսաց թագաւորին» յղուելիք նամակով կ՛ազատագրուի, այլ` անձնազոհութեամբ, ի հարկին` արիւնով:

Այս կերպար-մտածողութիւնը պարարտ հող գտաւ հայրենի իրականութենէն ներս, «վարակեց» շատ շատեր, որոնք մեկնեցան ազատագրելու պատմականօրէն Հայաստանին մաս կազմած, սակայն նոյն բռնատէրերուն կողմէ կամայականօրէն ճշդուած սահմաններէն անդին: Նոյն այդ սերունդը իր բաժինը բերաւ արհեստական սահմանները պատռելու արիւնալի գործընթացին: Մնացածը գիտենք արդէն: Արցախի մեծ մասը այսօր ազատագրուած է ու գործնականօրէն մաս կը կազմէ Երկրին:

1920-21 տարիներուն տարածաշրջանին մէջ արձանագրուած եւ հայ ժողովուրդին ի վնաս ընթացած աշխարհաքաղաքական զարգացումները սրբագրելու պահն էր ասիկա, որ իրականութեան մէջ Սեւրով եւ Ուիլսընի սահմանագծումով Միացեալ Հայաստան կերտելու ճամբուն վրայ հիմնական, շօշափելի, տեսանելի քայլ է: Այս իրականութիւնը այսօր մաս կը կազմէ դաշնակցական մարդուն ներքին էութեան, անոր գաղափարական ներաշխարհին: Միացեալ Հայաստանի գաղափարը, Արցախի ազատագրումով, դաշնակցական մարդուն համար, տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, դուրս եկած է իր զուտ գաղափարական տարածքէն ու վերածուած է ապրող ու շօշափելի իրականութեան:

Հայաստանի տարածքին, անոր հողային ամբողջականութեան նկատմամբ դաշնակցականին «տկարութիւն»-ը նաեւ պատճառ կը դառնայ, որ հարուածներ ստանայ ան, ու ինք ակռաները սեղմած, հանդուրժէ այդ հարուածներուն` միայն թէ խնդրոյ առարկայ չդառնայ ՀՈՂԸ: Այսպէս, Արցախի ազատագրական պայքարի բուռն ժամանակաշրջանին դաշնակցական մարդը «կուլ տուաւ» ՀՀ օրուան նախագահին կողմէ Ընդհանուր ժողովը խափանելու, Բիւրոյի ներկայացուցիչը Հայաստանէն արտաքսելու այլանդակութիւնը (յունիս 1992), միայն թէ չտուժէ հայրենի հողը ազատագրելու այն պայքարը, որ իրեն` դաշնակցական մարդուն համար մտասեւեռում, կեանքի նպատակ դարձած էր:

Տարբեր խօսքով, մեր գաղափարական ներաշխարհին մէջ Երկիրը թէ՛ մեր ուժի ու կամքի աղբիւրն է եւ թէ՛ միաժամանակ` մեր Աքիլլեսի կրունկը` մեր հակառակորդներուն կողմէ դիտուած:

Դաշնակցական մարդը կը մնայ տէրը այն յանձնառութեան, որուն նպատակն է հայրենիքի տարածքը ամբողջական տեսնել:

Լոս Անճելըս,
Օգոստոս 2018

– – – – – – – – –

(*) Քիչերուն յայտնի է, որ Հայաստանի խորհրդայնացումէն եւ Փետրուարեան ապստամբութենէն ետք ՀՅ Դաշնակցութիւնը շարունակեց իր կազմակերպական ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ` հասկնալիօրէն ընդյատակեայ պայմաններու մէջ, մինչեւ որ Բիւրոն 30 ականներու սկիզբները լուծեց ՀՅԴ հայաստանեան կազմակերպութիւնը:

 

 


Նշմար. Թուրքիոյ Աններելի Յանցանքը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Սպիտակ տան տնտեսական խորհրդատու Քեւին Հասեթ յայտարարեց, թէ թրքական լիրայի արժեզրկման պատճառը Թուրքիոյ ժողովրդավարութենէն հեռանալն է: Յայտարարութիւնը այն թիւր տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ Թուրքիան ժողովրդավար էր, սակայն անկէ հեռացաւ 2016-ին, երբ ամերիկացի մը` պատուելի Էնտրիւ Պրանսընը ձերբակալեց:

Եթէ խօսքը կը վերաբերի Էրտողանի իշխանութեան շրջանին, ապա Թուրքիան արդէն տարիներէ ի վեր հեռացած է ժողովրդավարութենէն: Աւելի՛ն, այդ երկիրը իրողապէս երբեք ալ ժողովրդավար չէ եղած, այլ միայն` ձեւականօրէն:

Թրքական դրամանիշի անկումը սկսաւ, երբ Ուաշինկթըն Պրանսընի հարցով պատժամիջոցներ հաստատեց Թուրքիոյ արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարներ Ապտուլհամիտ Կիւլի եւ Սուլէյման Սոյլուի դէմ` զանոնք մեղադրելով «մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներու» յանցանքով: Ըստ երեւոյթին, 15 յուլիս 2016-ի յեղաշրջումի փորձէն ետք, Պրանսընի ներկայացուած նոյն ամբաստանութեան հիմամբ 50-60 հազար մարդոց ձերբակալումը եւ պաշտօնէ արձակումը ընդամէնը կատակ մըն էր, շատ-շատ մտահոգիչ երեւոյթ մը, սակայն ոչ աւելին, իսկ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիի մը ձերբակալութիւնը` «մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտում» մը:

Թուրքիան 1974-էն ի վեր գրաւած է հիւսիսային Կիպրոսը, 1993-էն ի վեր շրջափակած է Հայաստանը, 2016-էն ի վեր բռնագրաւած է Սուրիոյ հիւսիսը, զօրակցած է եւ կը զօրակցի ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի նման ահաբեկչական խմբաւորումներու, միլիոնաւորներ սպաննած է, ցեղասպանութիւն գործած է. այս բոլորը ընդունելի են, սակայն Աստուած մի՛ արասցէ ամերիկացի մը ձերբակալէ… ո՛չ, ո՛չ եւ երիցս ո՛չ, այդ մէկը արդէն աններելի յանցանք է:

 

 

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ի Խորոց Սրտի…

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

Շաբաթ, 11 օգոստոսը ուխտի օրն էր Սուրբ Աստուածածին վանքին, եւ տօնն էր Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման: Խուռներամ հայութիւնը ողողած էր Պիքֆայայի վանքը` ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին:

Արդէն մեծ գնահատանքի արժանացած մանկապատանեկան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի, բացին բոլոր ներկաներուն սրտերուն դռները, օրուան իմաստը ընդունելու քրիստոնէական եւ ազգային մեր ուխտը վերանորոգելու:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրուան պատգամը ունեցաւ իր արդար եւ արժանի ներգործութիւնը հաւատացեալներուն վրայ: Սուրբ Աստուածածնի տիպարը հայ մօր հայելին դարձած օրինակելի մերձեցումն է Եղեռնի արհաւիրքի օրերէն:

Վեհափառը մէջբերեց ազգային մեր վէրքերուն անհրաժեշտ դարմանումը` Հայաստանի մէջ առողջ հիմերու վրայ դնելու համար մեր անփոխարինելի հայրենիքը: Հոս իր խօսքերուն անմար ղօղանջը` ձգտելու անկախ եւ միացեալ հայրենիքի մը, յուզեց բոլորս ու թարմացուց մեր ազգային ուխտը: Հայաստանն ու Արցախը թէեւ այսօր  շօշափելի իրականութիւններն են, սակայն անշուշտ, տակաւին կը կարօտինք ամբողջական հայրենիքի մը: Վեհափառ հայրապետը ընդհանրացուց մեր պահանջը` մեր ազգային խորհրդանիշ Արարատի վերադարձը հայրենիքի մը իրաւասութեան եւ անհրաժեշտութեան:

Արդէն բոլոր ներկաները կլանուած էին հայրապետին խօսքերով: Երբ այս գաղափարները կը լսենք Կիլիկիոյ կաթողիկոսին շրթներէն, մենք մեր դիմաց կը տեսնենք պահանջատէր մեծ ուխտաւորը:

Այս բոլորը մեզ պարուրեցին իսկական հայկական շունչով, մանաւանդ երբ Մեղրիկ սրբազանին ազդանշանին վրայ այնքան անմեղ փոքրիկները դարձեալ մեզ կը գրաւեն իրենց այնքան զուլալ մանկապատանեկան ձայներու թրթռացումով: Արամ հայրապետը շատ արդարացիօրէն այդ երգչախումբը կոչեց «Նարեկացի» երգչախումբ, պատիւ ու գնահատանք` Մեղրիկ սրբազանի այնքան գեղեցիկ գաղափարին եւ անխոնջ աշխատանքին առ ի քաջալերանք:

Այս անմեղ փոքրիկներու գերգնահատելի շարականները ստեղծեցին այն մթնոլորտը, որ ամէն հայ սիրտ իր խորին հաւատքով ընդունած է վեհափառին ամէն մէկ արտասանած բառը իր ամենալայն իմաստով:

Իսկական ուխտի օր մը:

 

 

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Վարոս Բաբայեան

Քաղաքական-պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Երիտասարդ համալսարանական ուսանող` 1915-ին Թիֆլիսէն կը մեկնի ազատագրուած Վան:

1919-ին Երեւանի մէջ կը մասնակցի ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին: Նոյն թուականին կ՛ընտրուի նորանկախ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ: Ալեքսանդր Խատիսեանի դահլիճին մէջ կը գործէ իբրեւ աշխատանքի նախարարի օգնական:

2 դեկտեմբեր 1920-ին մինչեւ 17 փետրուար 1921 Հայաստանի Յեղկոմն ու Չեկան, ձեռք ձեռքի տուած, արիւն ու աւեր սփռեցին հայրենիքի մէջ` անխնայ հալածելով, բանտարկելով, աքսորելով, գնդակահար կամ կացինահար խողխողելով, քանդելով եւ կեղեքելով, լրբանալով ու բռնանալով քաղաքային թէ զինուորական բնակչութեան վրայ: Բանտերը լեցուեցան պետական թէ զինուորական ղեկավար դէմքեր: Այդ ժամանակաշրջանին է, որ Վարոս Բաբայեան Վրաստան անցնելու ճամբուն կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի Երեւան, ազատ կ՛արձակուի շնորհիւ Փետրուարեան ապստամբութեան:

Վարոս Բաբայեան 1941-ին Թեհրանի մէջ կ՛առեւանգուի Չեկայի գործակալներու կողմէ:

Զօր. Յակոբ Բագրատունի

Յակոբ Բագրատունի. ռուսական եւ հայկական բանակի ռազմական եւ պետական գործիչ, ռուսական բանակի զօրավար-հազարապետ, ինչպէս նաեւ հայկական բանակի զօրավար:

Ծնած է 25 օգոստոս 1879-ին, Ախալցխա, հայկական ազնուական ընտանիքի մէջ, սերած է Բագրատունիներու հայ իշխանական տոհմէն: 1898-ին աւարտած է Թիֆլիսի արական ուսումնարանը ոսկիէ մետալով, ապա` 1900-ին Քիեւի առաջին ռազմական ուսումնարանը, առաջիններէն եղած է շրջանաւարտներուն մէջ:

Բագրատունի յաջողութեամբ աւարտած է հետախուզական կարեւոր առաջադրանքը Պարսկաստանի մէջ: 1904-ին եղած է պորուչիկ (ցարական բանակի զինուոր): Նոյն տարին մտած է Գլխաւոր սպայակոյտի ակադեմիա, բայց 1905-ին ընդհատած է ուսումը եւ մեկնած է ռուս-ճափոնական ռազմաճակատ: Ղեկավարած է Արեւելասիպերիական գունդի 19-րդ վաշտը: 25 փետրուար 1905-ին Պուխէ գիւղի մարտերուն վիրաւորուած է եւ` ջարդուածք ստացած, բայց շարունակած է ղեկավարել վաշտը: Ռազմական արժանիքներու համար պարգեւատրուած է Ս. Աննայի 4-րդ աստիճանի շքանշանով` մակագրութեամբ «Արիութեան համար» եւ Ս. Ստանիսլաւի 3-րդ աստիճանի սուրերով եւ ժապաւէնով շքանշանով:

1907-ին աւարտած է Կայսերական գլխաւոր սպայակոյտի Նիկոլայեւեան ակադեմիան, եղած է սպայ-զօրագլուխ, ղեկավարած է վաշտ` Քեքսհոլմի բանակի գունդին մէջ: 26 նոյեմբեր 1908-ին եղած է զօրագլուխ, թուրքիստանեան ռազմական շրջանի սպայի օգնական: Անկէ ետք ղեկավարած է շրջանի սպայակոյտի 4-րդ (հետախուզական) բաժանմունքը:

Յակոբ Բագրատունի կատարած է ռազմաքաղաքական եւ հետախուզական կարեւոր յանձնարարութիւններ` Իրանի, Մոնկոլիոյ, Թիպեթի, Քորէայի եւ Աֆղանիստանի մէջ, միջինասիական Պուխարա, Քաշկար, Քերմիշ, Քուշքա, Մերվ, Թաշքենդ քաղաքներուն մէջ: Բացայայտած է համաթրքական պատուիրակներու դաւադրութիւնը:

Յակոբ Բագրատունի աշխուժօրէն մասնակցած է Ա. Համաշխարհային պատերազմին, եղած է սպայ` թուրքիստանեան առաջին բանակային զօրաբանակի սպայակոյտին մէջ: 1914 սեպտեմբերին աչքի կ՛իյնայ Հիւսիսարեւմտեան ճակատի ընթացքին, Լիկայի շրջանի մարտերուն մէջ գերազանցութեան համար պարգեւատրուած է Ս. Ստանիսլաւի 2-րդ աստիճանի սուրերով շքանշանով եւ Ս. Վլադիմիրի 4-րդ աստիճանի սուրերով եւ ժապաւէնով շքանշանով: 1914 հոկտեմբերէն մինչեւ 1915 յունուար ժամանակաւոր կատարած է թուրքիստանեան առաջին բանակային զօրաբանակի սպայակոյտի պետի պարտականութիւնները: 1915 յունուարէն մինչեւ 1916 նոյեմբեր եղած է սպայակոյտի պետ` 76-րդ հետեւակային բաժինի մէջ, թուրքիստանեան երկրորդ հրաձգային զօրագունդի մէջ, թուրքիստանեան հրաձգա-հրետանային զօրագունդի մէջ: 6 դեկտեմբեր 1915-ին` գնդապետ: Մարտերը գերազանց կատարելուն համար պարգեւատրուած է Ս. Գէորգի 4-րդ աստիճանի շքանշանով, Ս. Վլատիմիրի 3-րդ աստիճանի սուրերով շքանշանով եւ Ս. Աննայի 2-րդ աստիճանի սուրերով շքանշանով: 22 նոյեմբեր 1916-ին` 8-րդ թուրքիստանեան հետեւակային գունդի հրամանատար:

Եղած է ընտրուած պատուիրակ Համառուսական համագումարի սպաներու մէջ, որ տեղի ունեցած է 1917 մայիսին, Փեթերսպուրկի մէջ: 1917 յունիսէն ծառայած է ռազմական եւ ծովային նախարար Ալեքսանտր Քերենսքիի կառավարութեան մէջ: 12 յուլիս 1917-ին եղած է Փեթերսպուրկի ռազմական շրջանի սպայակոյտի պետ: 30 օգոստոս 1917-ին զօրավար-հազարապետ:

Եղած է հայկական զօրամասերու ստեղծման առաջին կազմակերպիչներէն մէկը ռուսական բանակին մէջ: 1917 օգոստոսին, միաժամանակ շարունակելով ռազմական շրջանի սպայակոյտի պետի պաշտօնը, ընտրուած է հայկական զինուորական կոմիսար եւ հայկական ռազմական խորհուրդի նախագահ: Աշխուժօրէն զբաղած է հայկական զօրաբանակի կազմաւորումով:

Մինչեւ պոլշեւիկներու իշխանութեան գալը` զօրքերու համակեդրոնացման քայլեր ձեռնարկած է, հաւատարիմ Ռուսիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան` հրամայած է հիւսիսային ճակատի սպայակոյտէն Փեթերսպուրկ ուղարկել յատուկ զինուորական զօրամաս (այդ հրամանը չէ իրականացուած): Արդիւնք` Բագրատունի յաջողած է հաւաքել միայն քիչ քանակութեամբ ռազմական ուժ: 7 նոյեմբեր 1917-ին Ժամանակաւոր կառավարութեան նախարար Նիքոլայ Քիշքինը ստանալով իրաւասութիւն` վերականգնած է կարգը քաղաքին մէջ, անյստակութեան համար ազատած է պաշտօնէն Փեթերսպուրկի ռազմական շրջանի հրամանատարը եւ անոր տեղը նշանակած է զօրավար Յակոբ Բագրատունին: Բայց ան նոյնպէս չկարողացաւ հակադարձել իրավիճակի բացասական զարգացումին: Սպայակոյտը պոլշեւիկներուն յանձնուելէ ետք ան ձգեց պաշտօնը եւ ձերբակալուեցաւ Ձմեռնային պալատին մօտ: Ան բանտարկուած էր եւ կը գտնուէր Փեթրոփաւլովեան ամրոցին մէջ, ազատ արձակուած է 15 դեկտեմբեր 1917-ին եւ յաջորդ օրը կրկին ստանձնած է հայկական զինուորական կոմիսարի պաշտօնը:

1917-ին վերջը եւ 1918 -ին սկիզբը շարունակած է հայկական զօրաբանակի ստեղծման աշխատանքները եւ զինծառայող հայերուն ուղարկած` Կովկաս: 1918 մարտին ժամանած է Պաքու, բայց արդէն 15 մարտին սպանութեան փորձ կատարուած է իր դէմ, որ ալ յանգած է անոր ոտքերու անդամահատման: Ուշադրութիւն չդարձնելով ծանր վէրքերուն` մասնակցած է մարտի իրադարձութիւններուն եւ Պաքուի պաշտպանութեան` թրքական եւ թաթարական միացեալ ուժերուն դէմ: 1918-ի ամառը, մինչեւ աշնան սկիզբ, Յակոբ Բագրատունին Կեդրոնական կասպիական բռնապետութեան կառավարութեան կողմէ նշանակուած է ռազմական նախարար: Կովկասեան Իսլամական բանակի Պաքուի ճակատամարտին մղուած յաղթանակէն ետք, 15 սեպտեմբեր 1918-ին հայկական զինուած խումբերու եւ փախստականներու հետ միասին ստիպուած եղած է լքել Պաքուն եւ տեղափոխուիլ Էնզելի (հիւսիսային Պարսկաստան): Թուրքերու Պաքուէն հեռանալէն ետք եւ անգլիական բանակի մուտք գործելէ ետք 1918 նոյեմբերին ետ եկած եւ կրկին վերընտրուած է Հայոց ազգային խորհուրդին մէջ:

1919-ին մտած է Փարիզի` Խաղաղութեան վեհաժողովին մասնակցող Հայաստանի պատուիրակութեան կազմի մէջ` որպէս խորհրդատու: 1919 օգոստոսէն եղած է Հայաստանի ռազմական պատուիրակութեան նախագահ, ուղարկուած է Միացեալ Նահանգներ` բանակցելու պաշտպանական բնագաւառին մէջ համագործակցելու համար: 1919 նոյեմբերին պատուիրակութիւնը ժամանած է Նիւ Եորք: Հանդիպած է ամերիկեան քաղաքական եւ հասարակական բազմաթիւ գործիչներու հետ, մասնակցած է ցոյցերուն, պնդած է Հայաստանին ցուցաբերել աջակցութիւն եւ պաշտօնապէս ճանչնալ հայկական պետութիւնը: Հակառակ անոր որ 1919 դեկտեմբերէն մինչեւ 1920 յունուարը Բագրատունին ընդունուած էր Միացեալ Նահանգներու ռազմական նախարարին եւ Արտաքին գործոց նախարարին կողմէ, այնուամենայնիւ ամերիկեան իշխանութիւնները հրաժարեցան տրամադրել ռազմական օգնութիւն երկրին, որ պաշտօնական ճանաչում չունի:

Պատուիրակութեան առաքելութեան աւարտէն ետք վերադարձած է Ֆրանսա, 1920-ին նշանակուած է Մեծն Բրիտանիոյ Հայաստանի դեսպան, այնտեղ ալ շարունակած է ապրիլ օտարութեան մէջ:

Զօրավար Յակոբ Բագրատունի մահացած է 23 դեկտեմբեր 1943-ին, Լոնտոնի մէջ:

Յովհաննէս Բաղրամեան

Յովհաննէս Բաղրամեան. Խորհրդային Միութեան նշանաւոր զօրահրամանատար, Խորհրդային Միութեան մարաջախտ, ԽՍՀՄ պաշտպանութեան փոխնախարար:

Ծնած է Արցախի Չարդախլու գիւղը (ներկայիս Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Ելիզաւետպոլի` Գանձակի նահանգի տարածք): Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն երկաթուղային երկդասեան դպրոցին, ապա Թիֆլիսի երկաթուղային ուսումնարանին մէջ:

Յովհաննէս Բաղրամեանը զինուորական ծառայութեան սկսած է 1915-ին, ռուսական բանակին մէջ, իբրեւ կամաւոր-շարքային զինուոր կովկասեան 2-րդ սահմանապահ գունդին մէջ, կռուելով կովկասեան ռազմաճակատին վրայ` Օսմանեան կայսրութեան դէմ:

1917 յունիսին, աւարտելով Թիֆլիսի փրոպորշչիկներու դպրոցը, դարձեալ մեկնած է ռազմաճակատ`, ծառայելու համար հայկական 3-րդ հրաձգային գունդին մէջ:

1918 փետրուար-ապրիլին հայկական առաջին հեծեալ գունդի շարքերուն մէջ կռուած է թրքական բանակին դէմ` Քարաուրկանի, Սարիղամիշի եւ Կարսի ճակատներուն վրայ: Նոյն գունդի կազմին մէջ 1918-ին մասնակցած է Սարդարապատի ճակատամարտին:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Կարմիր բանակի մէջ ծառայած է իբրեւ հայկական գունդի բաժնի հրամանատար: 1923-ին նշանակուած է հայկական հրաձիգային բաժանմունքի Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) հեծեալ գունդի հրամանատար (մինչեւ 1931):

1925-ին աւարտած է հեծելազօրային հրամանատարական կազմի կատարելագործման, 1931-ին բարձրագոյն հրամանատարական կազմի դասընթացքները, 1934-ին` Մ. Ֆրունզէի անուան ռազմական ակադեմիան, 1938-ին` գլխաւոր սպայակոյտի ռազմական ակադեմիան:

1940-ին եղած է Քիեւի ռազմական շրջանի յատուկ գործողութիւններու բաժնի պետ եւ սպայակոյտի պետի տեղակալ:

Նացիական Գերմանիոյ ԽՍՀՄ ներխուժելէն ետք 1941 յունիսին կը նշանակուի սպայակոյտի պետի տեղակալ` հարաւարեւմտեան ռազմաճակատին վրայ: Մասնակցած է Քիեւի պաշտպանութեան, Տոնի Ռոստովի ազատագրման, Մոսկուայի մօտ խորհրդային զօրքերու հակայարձակումին:

1943 նոյեմբերին զօրավար-գնդապետի կոչումով կը նշանակուի 1-ին Մերձպալթեան ռազմաճակատի հրամանատար եւ 1944-ին կը մասնակցի խորհրդային մեծ յարձակումին Պիլոռուսական եւ Լիթվայի գործողութեան: Անոր բանակները ճեղքեցին-հասան Պալթիկ ծով: Այս ռազմական սխրագործութեան համար Բաղրամեանը կ՛արժանանայ Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչման:

1945-ին սկիզբը անոր բանակը կը մասնակցի արեւելեան Պրուսիոյ գրաւումին: Բաղրամեանը կը ղեկավարէր Քէօնիկսպերկի (այժմ` Քալինինկրատ) գրաւումին. 1945 ապրիլին եւ 1945-ի վերջը ստիպեց Մերձպալթիկայի մէջ շրջափակուած գերմանական հզօր զօրախմբաւորումին յանձնուիլ:

Բ. Աշխարհամարտէն ետք, մինչեւ 1954, Բաղրամեան եղած է Մերձպալթեան ռազմական զօրաբանակի հրամանատար: 1954-ին նշանակուած է պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր տեսուչ: 1955-ին նշանակուած է ԽՍՀՄ պաշտպանութեան փոխնախարար եւ ստացաւ Խորհրդային Միութեան մարաջախտի կոչում: Ան նաեւ ԽՍՀՄ Զինուած ուժերու Գլխաւոր սպայակոյտի ռազմական ակադեմիայի պետն էր եւ ԽՍՀՄ պահեստային ուժերու հրամանատարը: 1968 ապրիլին նշանակուած է խորհրդային պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր տեսուչ եւ տեսուչներու խումբին ղեկավարը: Պարգեւատրուած է ԽՍՀՄ բարձրագոյն շքանշաններով:

Հեղինակ է շատ մը ռազմավարական մտածողութեան նուիրուած երկերու:

Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանը կը մահանայ 1982-ին, Մոսկուա:

(Շար. 6)

 

Էրտողան Տակաւին Չէ Գործածած Տահէշի Խաղաքարտը

$
0
0

Ա. Ա.

Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու լարուածութիւնը օրէ օր աւելի կը բարձրանայ` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը առաւել յարձակողական դարձնելով:

Յստակ է, որ Էրտողան որդեգրած է սպառնալիքներու եւ քայլերու աստիճանական մագլցումի քաղաքականութիւն մը, եւ տակաւին չէ գործածած Տահէշի խաղաքարտը:

Գաղտնի սպասարկութիւններու եւ հակաահաբեկչութեան գործակալութիւններու ամերիկացի եւ եւրոպացի պաշտօնատարներ արդէն իսկ որոշ մտահոգութիւններ յայտնած են, որ թուրքեւամերիկեան այս լարուածութիւնը կրնայ ի վերջոյ վտանգել տեղեկութիւններու փոխանակումն ու ապահովական համագործակցութիւնը` Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ, ինչ կը վերաբերի Իսլամական պետութեան զինեալներուն դէմ շղթայազերծուած պայքարին` Սուրիոյ մէջ:

Ճիշդ է, որ թուրքեւամերիկեան միացեալ ուժերու հսկողութեան ջոկատները շատ մօտիկ ապագային գործի պիտի անցնին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Տահէշի նախկին ամրոցներէն մին հանդիսացած Մանպիժի մէջ, սակայն կայ ընդհանուր մտավախութիւն, որ ապագային նման գործակցութիւն չկրկնուի` նկատի ունենալով, որ երկուստեք կեցուածքները կը մնան անփոփոխ:

Էրտողան տակաւին կը հակադարձէ տնտեսական որոշումներով: Ասոնց նորագոյնը եղաւ Միացեալ Նահանգներէն ներածուած ապրանքներու վրայ մաքսատուրքերուն բարձրացումը` իբրեւ հակազդեցութիւն Թուրքիայէն ներածուած ալիւմինոմի եւ մետաղներու մաքսատուրքերը բարձրացնելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին:

Ամերիկացի եւ եւրոպացի պաշտօնատարներ մտահոգ են, որ յառաջիկայ օրերուն Էրտողանը սկսի քանի մը օր առաջ յայտարարած իր Բ. ծրագրին, որ, ըստ երեւոյթին, կրնայ ըլլալ Տահէշի զինեալներու մասին տեղեկութիւններու փոխանակման դադրեցումը: Ասիկա իսկապէս Միացեալ Նահանգները նեղ կացութեան կրնայ մատնել:Էրտողան կրնայ աւելի յառաջ երթալ եւ հրահանգել թրքական սահմանէն սուրիական հողեր թափանցելու կարելիութիւններ ստեղծել Թուրքիա գտնուող իսլամական ծայրայեղականներու` ամբողջ կացութիւնը գլխիվայր շրջելով:

Ամենայնդէպս ամերիկացիք ունին ուրիշ պատճառ մըն ալ` վերապահութիւններ եւ մտահոգութիւններ ունենալու Թուրքիոյ նկատմամբ, ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ ծայրայեղական իսլամականներու դէմ մղուող պայքարին մէջ թրքական դերակատարութեան եւ մասնակցութեան: Գաղտնիք մը չէ, որ Թուրքիա ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերեց Թահրիր Շամ անունը կրող ծայրայեղականներու հատուածին, որ նախապէս Ժապհաթ Նուսրան էր: Ասիկա հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Քայիտայի թեւը կը համարուի:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները Թահրիր Շամը կը գործածեն` Սուրիոյ քիւրտերուն դէմ, որոնք կը վայելէին ամերիկեան զօրակցութիւն եւ հովանաւորութիւն: Ամերիկեան մտահոգութիւնը կը բխի այն իրականութենէն, որ մինչ Թուրքիա քանի մը քայլեր առած է` Տահէշի զինեալներուն դէմ, անդին Էրտողանի կառավարութիւնը զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն կը տրամադրէ ծայրայեղ իսլամական այլ հատուածներու: Այս երկուութիւնը կացութիւնը առաւել կը բարդացնէ այն պահուն, երբ ամերիկեան օժանդակութիւն եւ հովանաւորութիւն վայելող Քրտական ժողովրդավարական ուժերը կը պատրաստուին վերջին յարձակման մը` Իսլամական պետութեան վերջին ամրոցներէն մին համարուող Հաժինի վրայ, որ Եփրատի հովիտին մէջտեղը կը գտնուի:

Հիմա կը մնայ սպասել, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ պիտի զարգանան դէպքերն ու իրադարձութիւնները:

Մինչ այդ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ունի լուրջ մտադրութիւն` Թուրքիոյ դէմ հաստատելու տնտեսական պատժամիջոցներու երկրորդ փաթէթը, ուր տեղ ունի «Թըրքիշ Էյրլայնզ»-ի դէպի Միացեալ Նահանգներ թռիչքներուն դէմ արգելք մը, կամ գէթ սահմանափակումներ, որոնք շատ ծանր պիտի ազդեն թրքական օդանաւային ընկերութեան աշխատանքներուն վրայ:

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն պահանջը յստակ է: Անյապաղ ազատ արձակել ոչ միայն կրօնական Էնտրիւ Պրանսընը, այլեւ ՆԱՍԱ-ի գիտնականներէն` Սերքան Կէօլկէն եւ այն երեք թուրքերը, որոնք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաները կը սեպուին: Երեքն ալ Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան դեսպանատան անձնակազմին մաս կը կազմեն եւ ձերբակալուած են Ֆեթհիւլլա Կիւլենի հետ կապեր ունեցող թուրքերու հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու մեղադրանքներով:

Յառաջիկայ եօթանասուներկու ժամերը շատ ճակատագրական են թուրքեւամերիկեան լարուածութիւնը առաւել սրելու կամ մեղմացնելու համար: Եւ դիւանագիտութեան մէջ ամէն ինչ, նոյնիսկ անսպասելին շատ հաւանական է:

 

 

Արցախեան Հիմնախնդրի Ուժային Լուծման Պաքուի Մարմաջը

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Մարմաջը, ինչպէս գիտէք եւ ինչպէս ստուգաբանում է Էդուարդ Աղայեանի «Արդի հայերէնի բացատրական բառարան»-ը,  մորթի գրգռումն է, այսինքն` եռքը, մոլաքորը, նաեւ նշանակում է բուռն ձգտում, մոլուցք: Որ ահա երեսուն տարիէ ի վեր Պաքուն տառապում է այդ ախտով, կարծում եմ, որեւէ կասկած  լինել չի կարող: Երեւոյթին ինքներս ենք ականատես եւ քանիցս, լինի խորհրդային, թէ հետխորհրդային շրջանում,  փորձել ենք մերձաւոր դրացու իրաւունքով, զուտ մարդասիրական մղումով «օգնել» նրան` ազատուելու այդ մոլուցքից, հասկացնելով, որ խաշնարածներին յատկանշական մաշկային եռքի միակ ու վերջնական բուժումը Լեռնային Արցախի ալպիական արօտավայրերից մէկընդմիշտ երես թեքելն է, սակայն` ապարդիւն: Եւ ամէն անգամ էլ, աւա՜ղ, ստացուել է այնպէս, ինչպէս ժողովրդական առածն է իմաստնաբանում. «Հասկացողին մէկ, անհասկացողին` հազար ու մէկ ասա»:

Մենք երբեք չենք մոռացել, բայց ահա մեր հիւանդ հարեւանը, երեւի թէ իր կարճ խելքից, մշտապէս մոռանում է, որ ժողովրդական բուժման այդ եղանակի  մասին իրեն յուշել ենք տակաւին 88-ի սկզբներից` արցախեան շարժման առաջին տարիներին, երբ արցախահայութիւնը, ձգտելով վերականգնել պատմական արդարութիւնը, ցանկանում էր վերամիաւորուել մայր հայրենիքի` Հայաստանի հետ: Ընդ որում` հիմք ընդունելով խորհրդային սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան իրաւական կանոնները, մարզային իշխանութեան ներկայացուցչական մարմնի` մարզխորհրդի,  որոշումները, հաւատարիմ մնալով ժողովրդավարութեան այն ժամանակուայ ու ներկայիս կանոններին` բացառապէս խաղաղ ցոյցերի, հանրահաւաքների ու երթերի միջոցով, առանց Ազրպէյճանի եւ ազրպէյճանական ժողովրդի նկատմամբ ատելութեան ու թշնամանքի թէկուզ դոյզն իսկ դրսեւորման: Աւա՜ղ, Պաքուի եւ նրա հետ մէկտեղ` դարձեալ խորհրդային Մոսկուայի պատասխանը միաձեւ ու միանշանակ էր. հայ քաղաքացիների սումկայիթեան, Պաքուի ջարդեր, աւելի քան կէս միլիոն մարդկանց բռնատեղահանումներ  ամբողջ հանրապետութեան տարածքից, միով բանիւ` ցեղասպանութիւն:

Յետոյ յիշեցրել ենք 91-ի աշնանից: Գրեթէ ամէն օր: Երբ անկախութիւն հռչակած Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնն առաջին անգամ լայնածաւալ պատերազմ սանձազերծեց նոյնպէս պետական անկախութիւն հռչակած Արցախի հայութեան դէմ` իր ճանապարհին ոչնչացնելով հայկական բնակավայրերը, բնաջնջելով ու բռնագաղթի ենթարկելով տասնեակ հազարաւոր արցախցիների` խտրութիւն չդնելով ոչ տարիքի եւ ոչ էլ սեռի միջեւ, ծերերի, կանանց ու երեխաների:

Վերջին անգամ մեր յիշեցումը 90-ականների պատերազմի աւարտից` մայիսեան հրադադարի հաստատումից աւելի քան քսան տարի անց էր` 2016-ի ապրիլին, երբ դարձեալ զօրաշարժի ենթարկելով իր ողջ զինուժը` Պաքուն հերթական անգամ դիմեց արկածախնդրութեան եւ հակադիր զօրքերի շփման գծի ողջ երկայնքով` հարաւից մինչեւ հիւսիս, յարձակման անցաւ այն սին ու անիմաստ յոյսով, որ անցած տասնամեակներում ձեռք բերած արդիական զինատեսակների միջոցով ի զօրու կը լինի մահացու հարուածով ցաք ու ցրիւ անել, ջարդել, պարտութեան մատնել Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակը եւ անպատիժ կերպով արեան ծովի վերածել Հայկական Բարձրաւանդակի այս անառիկ ամրոցը` Արցախ աշխարհը: Ինչպէս խորհրդային շրջանի Սումկայիթում էր ու Պաքւում, այդ արհեստածին միութենական հանրապետութեան միւս բոլոր բնակավայրերում, որտեղ հայ ազգաբնակչութիւնը, հոծ լինելով հանդերձ, ցաւօք, անզէն ու անպաշտպան էր եւ, ի տարբերութիւն սեփական զինուած ուժեր ձեւաւորած արցախահայութեան, որպէս այդպիսին, փաստօրէն ունակ չէր համախումբ դիմադրութեան:

Ու թէկուզ, թէ՛ 90-ականների պատերազմում եւ թէ՛ 2016-ի ապրիլեանում կրած կարծես բաւարար ուսանելի դասերին, խայտառակ ռազմական պարտութիւններին, ինչպէս տեսնում ենք, Պաքուն դարձեալ ականջի ետեւ գցած մոլաքորի բուժման մեր առաջարկած միանգամայն արդիւնաւէտ եղանակը` յամառօրէն շարունակում է նոր պատերազմի տանել իր զօրքերը կամ, այլ կերպ ասած, խաշնարածի անգիտակից  սովորոյթով դէպի արցախեան բարձրադիր արօտավայրեր ուղղել իր նախիրն ու հօտը: Մերթ սպառնում է,  որ մէկ-երկու օրուայ մէջ կ՛ամայացնի Ղարաբաղը, Ղարաբաղի հետ միասին նաեւ Հայաստանը` յայտարարելով այդ տարածքներն իր նախնեաց սեփականութիւն:

Մեր նախորդ մեկնաբանութիւններում արդէն ներկայացրել ենք Ազրպէյճանի նախագահի այդ կարգի յայտարարութիւնները: Ուստի վերստին չկրկնենք դրանք եւ այս անգամ  դիմենք ազրպէյճանական մամուլին, որ բառիս բուն իմաստով հեղեղուած է համարժէք յոխորտանքներով: Որպէս օրինակելի նմուշ` ներկայացնեմ դրանցից միայն մէկը, որ օրերս քաղել եմ Պաքուի minval.az լրատուական կայքից: Մէջբերում եմ ոմն Հիւսէյնպալա Սալիմովի «Ինչո՞ւ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը  ձգուեց  երեսուն տարի» յօդուածից. «Մենք պէտք է ուժեղացնենք մեր ղարաբաղեան քաղաքականութեան ուժային բաղկացուցիչը, ռազմական փոխհատուցման  նոր առիթներ անպայման կը լինեն: Եւ պէտք չէ մտածել, որ ժամանակի մեր պաշարներն անսահման են, ցաւօք, միշտ չէ, որ իրենց արդարացնում են պնդումներն առ այն, որ «ժամանակը մեր օգտին է աշխատում», քանզի ժամանակի ընթացքում աշխարհը դառնում է առաւել խճճուած ու ոչ միանշանակ, իսկ քաղաքական գործիչները` աւելի մոռացկոտ, քանզի ծագում են նոր մարտահրաւէրներ ու սպառնալիքներ, ուստի եկէք` բաց չթողնենք մեր առիթը, իսկ այն անպայման կը լինի եւ, ամենայն հաւանականութեամբ,  ոչ այնքան  հեռու ապագայում: Մենք ունենք  ուժեղ, փորձառու եւ լաւ յագեցած բանակ»:

Մերթ տեսնելով, որ ոչ մի սպառնալիք էլ չի ազդում ազատասէր, անվախ ու հպարտ արցախցիների վրայ, Պաքուն, յղում կատարելով ինքնավարութեան եւրոպական մոտելներին, վերստին ստիպուած է լինում խոստանալ ամենալայն ինքնավարութիւն Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներում: Մասնաւորապէս դարձեալ մատնացոյց է արւում հիմնականում շուէտներով բնակեցուած Ալանտեան կղզիների ինքնավարութիւնը` Ֆինլանտիայում: Յիշեցման կարգով նշեմ, որ  դեռեւս 1993թ. դեկտեմբերին ԱՊՀ Միջխորհրդարանական վեհաժողովն Ալանտեան կղզիներում կազմակերպել էր Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Արցախի խորհրդարանականների հանդիպում“ շուէտների ու ֆինների միջեւ ազգային-քաղաքական հակամարտութեան լուծման փորձի հետ կողմերին ծանօթացնելու նպատակով, որը, ինչպէս ենթադրւում էր, իբր թէ կարող էր օգտակար լինել ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացում: Արցախից այցին մասնակցում էր այն ժամանակ ԼՂՀ Գերագոյն խորհրդի նախագահի պաշտօնակատար, ներկայումս լուսահոգի Կարէն Բաբուրեանը: Ուշագրաւ է այցի ընթացքում նրա արած հեգնալի ու միանգամայն դիպուկ արտայայտութիւնը. «Եթէ մեր հարեւանները քաղաքակիրթ ֆինները կամ շուէտները լինէին, ապա գուցէ թէ կարելի լինէր գոնէ մտածել այդ մասին»: Յատկանշական է, որ հէնց նոյն այդ դեկտեմբերին էր, երբ Ազրպէյճանի նախագահ Հայտար Ալիեւը, յոյս կապելով հիմնախնդրի ուժային լուծման հետ, խախտելով կրակի դադարեցման մասին մինչ այդ ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւնները, մարտական գործողութիւններ սկսեց ռազմաճակատի ողջ երկայնքով մէկ:

Հանգուցեալ հօր անյաջող փորձը հետագայում` 2011-ին  կրկնել է նաեւ նոյնպէս նախագահ կարգուած որդին` Իլհամ Ալիեւը, սակայն այս անգամ ներկայացնելով եւրոպական ինքնավարութեան մէկ այլ օրինակ: Պաքւում ելոյթ ունենալով միջազգային գիտաժողովում` նա առաջարկել էր Լեռնային Ղարաբաղի իրաւական կարգավիճակը մշակելիս օգտագործել Հարաւային Թիրոլի փորձը: Դարձեալ յիշեցման կարգով նշեմ, որ Ա. Աշխարհամարտից յետոյ այդ գերմանախօս գաւառն անցել էր Իտալիային, բայց Աւստրիան շարունակում էր նրա նկատմամբ յաւակնութիւններ ներկայացնել: Հարցը վերջնականապէս կարգաւորուեց 1992թ., եւ աւստրիական իշխանութիւնները ՄԱԿ-ին յայտարարեցին Հարաւային Թիրոլի հարցում Իտալիայի հետ հակասութիւնների դադարեցման մասին, տարածք, որը 2001-ին ստացաւ անկախ գաւառի կարգավիճակ եւ իտալախօս մէկ այլ գաւառի` Թրենթոյի հետ միասին այժմ մէկ ինքնավար մարզ է կազմում:

Եւրոպացիների տեսանկիւնից ե՛ւ Ալանտների, ե՛ւ Հարաւային Թիրոլի դէպքերում, անշուշտ, հետաքրքրաշարժ պատկեր է ստացւում: Սակայն, ինչպէս իրաւացիօրէն նշում է «Ազատ Արցախ» թերթի գլխաւոր խմբագիր, քաղաքական վերլուծաբան Լէոնիտ Մարտիրոսեանը` «Եւրոպական մոտելի շրջանակներում խաղաղ համատեղ գոյակցութեան մասին որքան էլ «ճիշդ» խօսքերով Ազրպէյճանը քօղարկի իր գործողութիւնները, եւ՜ քառորդ դար առաջ, եւ՜ հիմա դրանք ամենայն համոզչութեամբ ապացուցում են, որ նրա իրական մտադրութիւնը մնում է մէկը` հայերին վտարել Արցախից կամ պարզապէս ոչնչացնել նրանց: 2016թ. ապրիլեան պատերազմը դրա վառ ապացոյցն է: Ազրպէյճանն արեւելեան բռնակալութիւն է` ֆաշիստական գաղափարախօսութեամբ, եւ եւրոպական փորձը նրա նկատմամբ պարզապէս կիրառելի չէ»:

Ասենք` արցախցիներս եւրոպական այդ եւ այլ մոտելներն ընդօրինակելու   կարիքն ու անհրաժեշտութիւնն ամենեւին էլ չունենք: Առաւել եւս, որ ինչքան էլ լայն լինի առաջարկուող ինքնավարութիւնը, ապա հազիւ թէ հաւասարազօր դառնայ այն կարգավիճակին, որպիսին Արցախն ունի այսօր` իբրեւ անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն, որ արցախահայութիւնը հռչակեց 1991թ. սեպտեմբերի 2-ին` ԽՍՀՄ փլուզման նախաշեմին, խորհրդային օրէնսդրութեանն ու միջազգային իրաւունքին խստիւ համահունչ եւ միտք էլ չունի հրաժարուելու անկախութեան գաղափարից: Իսկ եթէ անգամ հրաժարուի էլ, ապա միայն մէկ էական ու վճռորոշ նախապայմանով` Հայաստանի Հանրապետութեան հետ վերամիաւորուելու պարագայում, այն, ինչ արցախահայերիս նուիրական երազանքն էր մինչեւ արցախեան շարժումը` տասնամեակներ շարունակ, շարժման ընթացքում եւ անփոփոխ է առ այսօր:

Աւելին կ՛ասէի` անկախ պետականութեան գաղափարն ամենեւին էլ Արցախում չի ծնուել: Այն արցախահայերին իրենց իսկ համար անսպասելի թելադրուել ու, կարելի է ասել, պարտադրուել է տակաւին ինքնավար մարզի կարգավիճակում գտնուած Արցախի սահմաններից դուրս` որպէս թէ առաջացած իրավիճակում Հայաստանի պատասխանատուութեան բեռը թեթեւացնելու կարծեցեալ միջոց եւ այդպիսով իսկ հիմնախնդրի լուծման շուրջ բանակցային գործընթացում պաշտօնական Երեւանի համար անհամեմատ ազատ ու ճկուն  քաղաքականութիւն վարելու հնարաւորութիւն: Այդ մասին տողերիս հեղինակին անձամբ պատմել է լուսահոգի Լէոնարդ Պետրոսեանը, ով մինչ այդ` 1991-ին ժողովրդական պատգամաւորների ԼՂԻՄ մարզխորհրդի գործկոմի նախագահի պաշտօնակատարն էր եւ, որպէս այդպիսին, մասնակցել է ՀԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետ Երեւանում այդ խնդրի շուրջ կայացած հանդիպմանը: Ի լրումն` տեղեկանքի տեսքով նշեմ նաեւ, որ Լէոնարտ Պետրոսեանն այնուհետեւ` 1991-ի սեպտեմբերից  ընդհուպ մինչեւ ԼՂՀ նորընտիր Գերագոյն խորհրդի եւ նրա ղեկավար կազմի ընտրութիւնները` մարզխորհրդի նախագահն էր, հետագայում` ՀՀ Կառավարութեանն առընթեր յատուկ ծրագրերի վարչութեան (ՀՀ ԿԱՅ ՀԾՎ) պետի 1-ին տեղակալը, ապա` պետը:

1995թ. յունուարից մինչեւ 1998թ. ԼՂՀ վարչապետն էր: 1997-ի ապրիլ-սեպտեմբերին միաժամանակ եղել է ԼՂՀ նախագահի պաշտօնակատար: Այնուհետեւ, քաղաքական հանգամանքների բերումով  տեղափոխուել է Երեւան եւ նշանակուել ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ: Նահատակուել է 1999 թ. հոկտեմբերի 27-ին` ՀՀ ԱԺ նիստերի դահլիճում տեղի ունեցած յայտնի արիւնալի միջադէպի ժամանակ: Լ. Պետրոսեանի խօսքով, Հայաստանի ԳԽ նախագահի հետ այդ հանդիպմանն Արցախի պատուիրակութեան անդամները, այդ թւում` ինքը, խորը տարակուսանքով ու կասկածանքով, անգամ` մտավախութեամբ ընդունեցին հնչած առաջարկութիւնը, սակայն ստիպուած եղան այն ընդունել` լսելով ԼՏՊ-ի երաշխիքները մայր հայրենիքի հետ վերամիաւորուելու  արցախահայութեան նուիրական իղձ ու երազանքի իրականացման, ղարաբաղեան հիմնախնդրի արդարացի, ազգաշահ  լուծման գործում իր լիարժէք աջակցութեան մասին: Թէ որքա՛ն «անկեղծ ու հաստատուն» էին այդ երաշխիքները, եւ ի՛նչ աստիճան «լիարժէք» էր խոստացուած աջակցութիւնը, կարելի է պատկերացում կազմել թէկուզեւ նրանով, որ Հայաստանի արդէն նորընտիր առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը 1992-ին հրաժարուեց ընդունել ԼՂՀ անդրանիկ գումարման Գերագոյն խորհրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանին, ինչ-ինչ` վերջինս ՀՅԴ անդամ էր: Եւ կամ ամէն անգամ, երբ Արցախի Ինքնապաշտպանութեան ուժերը, իսկ հետագայում նաեւ Պաշտպանութեան բանակն այս կամ այն ռազմագործողութիւնը պէտք էր իրականացնէին, Երեւանի համար անսպասելի տեւականօրէն` երկու-երեք օրով, ընդհատւում էր հայկական երկու մայրաքաղաքների միջեւ սովորաբար կանոնաւոր գործող հեռախօսակապը: Սակայն այն մէկէն, կարծես կախարդական փայտիկի զօրութեամբ, վերականգնւում էր ռազմագործողութեան աւարտից անմիջապէս յետոյ միայն, երբ ազատագրուած էր այս կամ այն բնակավայրը կամ վերացուած` թշնամու որեւէ խոշոր ռազմական յենակէտ: Անձամբ ես ականատես էի այդ իրողութեանը` աշխատելով ՀՀ ԿԱՅ ՀԾՎ լրատուական-վերլուծական կեդրոնում: Մենք` գործընկերներով, հասկանում ու գիտակցում էինք հեռախօսակապի այդ յանկարծակի ընդհատումների  դրդապատճառը. այլապէս հազիւ թէ Բաղրամեան 26-ից թոյլ տրուէր վերացնելու թէ՛ Խոջալուի (ներկայումս` Իւանեան), թէ՛ Շուշիի, թէ՛ Աղտամի (Ակնա), թէ՛ Քելբաջարի (Քարվաճառ), թէ  հակառակորդի որեւէ  այլ ռազմական յենակէտ: Ահա իրականում այսպիսին էր պատերազմական գործողութիւնների շրջանն Արցախում` Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին, այսպէս ասած, «յաղթող նախագահի» կառավարման օրօք:

Բայց կարծես թէ շեղուեցի թեմայից:  Խօսքս ի սկզբանէ արցախեան հիմնախնդրի  ուժային  լուծման  Պաքուի  մարմաջի մասին էր: Այդ ախտը, այո՛, Պաքւում առ այսօր հաստատապէս առկայ ու մնայուն է: Մարդիկ, առանձնապէս պետութեան ղեկավարն ու իր անխտիր բոլոր ենթակաները  շարունակում են տառապել մոլաքորով: Ով` երեսուն տարի ի վեր: Ով` մի քանի տարի: Ով` վերջերս: Նայած` ում երբ է, այսպէս ասած, բախտ վիճակուել տեղ գրաւելու երկրի նախագահի հովանու ներքոյ` նրա  շքախմբում: Օրինակ, նախկին ոստիկան, ներկայումս պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը  հինգերորդ տարին է, ինչ քորում է մարմնի տարբեր մասերը մէջընդմէջ յայտարարելով.  «Յարձակման մասին հրամանը կ՛ընդունուի ամենապատեհ պահին` հաշուի առնելով միջազգային քաղաքական իրադրութիւնը»: Եւ ամէն անգամ էլ, լսելով նրան, Իլհամ Ալիեւը իւրօրինակ գոհունակութիւն է ապրում, որ, փա՛ռք Ալլահին,  իր Ազրպէյճան սուլթանութեան մայրաքաղաքում ինքը միակը չէ, որ տառապում է մարմինը քորելու մոլուցքով:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

Հայեացքով` Դէպի Ապագայ

$
0
0

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Այսօր «Ասպարէզ»-ը 110 տարեկան դարձաւ: Այս տարիքը որքա՛ն ալ թերթի յարատեւութեան հարցով մեզ ինքնավստահութիւն ներշնչէ, մեր ժամանակներու արագ զարգացումները, առաջին հերթին` տեղեկատուական արհեստագիտութեան նուաճումները եւ անոնց լոյսին տակ հասարակութեան հետաքրքրութիւններուն յագուրդ տալու անսահման ու այլազան հնարաւորութիւնները կրնան թերթի ու մանաւանդ տպագիր օրաթերթի գոյութիւնը հարցականի ենթարկել:

Ի՞նչ կարիք կայ այս օրերուն մեծ ծախսերու գնով թերթ տպագրել, երբ ամէն մարդ կը նախընտրէ առցանց միջոցներէ օգտուիլ: Այս հարցումը աւելի այժմէական կ՛ըլլայ, մանաւանդ երբ խմբագրութիւնը, ինչպէս այս օրերուն, դիմէ հանրութեան` նիւթական զօրակցութիւն խնդրելով: Թերթի ընթերցող մը, որ նաեւ մեզ միշտ նիւթապէս զօրակցած է, կ՛առաջարկէ տպագիր թերթը դարձնել շաբաթաթերթ եւ մնացեալ օրերը բաւարարուիլ առցանց թողարկումներով: Միայն տպագրութեան եւ թղթատարի մեր ծախսերը կը գերազանցեն չորս հարիւր հազար տոլարը, եւ ասիկա անշուշտ ծանր բեռ է թերթին: Մենք ուրախ ենք, որ մեծ է մեր բաժանորդներուն պատրաստակամութիւնը հոգալու այս ծախսը` իրենց բաժանորդագրութեան եւ նուիրատուութիւններուն ճամբով:

Անցեալ տարի մենք կամաւոր հիմունքներու վրայ բարձրացուցինք բաժանորդագրութիւնը` յիսուն տոլարով: Անշուշտ մտահոգ էինք, որ շատ քիչեր պիտի ընդառաջէին մեզ, իսկ ոմանք նոյնիսկ սխալ հասկնալով (կարծելով, որ նոր սակագինը պարտադիր է)` պիտի դադրեցնէին իրենց բաժանորդագրութիւնը: Երկու պարագային ալ մեր մտահոգութիւնները անհիմն դուրս եկան: Այս փաստը կը քաջալերէ՛ մեզ:

Մեզի խթան կը հանդիսանայ նաեւ ընդհանրապէս թերթին ցուցաբերուած համայնքին դրական եւ հոգատար վերաբերմունքը, որ կը դրսեւորուի լիաբուռն նուէրներով, յատկապէս` տարեդարձի տօնակատարութեան ծիրէն ներս:

Անցեալի մեր փորձերը` առցանց ընթերցողներու աջակցութիւնը ստանալու, ցարդ յաջողութիւն չե՛ն գտած: Տակաւին այդ մշակոյթը չէ ստեղծուած մեր առցանց ընթերցողներու լայն շրջանակին մէջ: Պէտք է ըսել, որ այս փուլին, գրեթէ բոլոր հայկական առցանց միջոցները անվճար են, ու մենք չենք կրնար ըլլալ առաջինը` վճարովի դարձնելու այդ ծառայութիւնը: Մեր առցանց գովազդային եկամուտները օրէ օր կ՛աւելնան, սակայն տակաւին շատ հեռու են մեր ծախսերը բաւարարելէ: Ուրեմն մենք յանձնառու կը մնանք թերթին տպագիր տարբերակը իր ներկայ յաճախականութեամբ պահելու` միաժամանակ փորձելով առցանց մեր թողարկումները աւելի ճոխացնել, աւելի թարմացնել ու երիտասարդականացնել` յաջորդ սերունդին հետ մեր երթը շարունակելու վճռակամութեամբ:

 

 

Հայաստան. «Թաւշեայ Յեղափոխութենէն« Ետք Դէպի Ո՞ւր –Բ.

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ճատրակի Բազմակողմանի
Խաղ – Առաջին Հարթակ

Ինչպէս յեղակարծ որեւէ փոփոխութեան ենթարկուած որեւէ երկրի քաղաքական կեանքին մէջ, նոյնպէս ալ` Հայաստանի պարագային, «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» սկիզբ տուաւ փոփոխութիւններու փուլի մը, զոր կարելի է համեմատել ճատրակի խաղի հետ. դասական ճատրակի կողքին, կայ նաեւ այլ խաղ մը, որ կը զարգանայ մէկէ աւելի հարթակներու, ցած ու բարձր մակարդակներով տախտակներու վրայ, բաւական բարդ խաղ, որ դասականին չափ ընդհանրացած չէ, մրցողները կը դնէ խրթին բարդութիւններու դիմաց: Կարելի է նաեւ ներկայ խաղը նմանցնել ճատրակի վարպետի մը այն մրցումներուն, զորս ան կը մղէ միաժամանակ տասնեակ մը մրցակիցներու դէմ:

Այսօր շատ աւելի յստակ է, որ Հայաստանի մէջ խաղցուող ճատրակի խաղը սկիզբ չառաւ Նիկոլ Փաշինեանի քայլարշաւի ու վարչապետութեան պաշտօնին հասնելու օրերուն, այլ անիկա յայտնապէս սկիզբ առած էր ու բաւական խմորում ապրած` անկէ շա՜տ աւելի առաջ, եւ խաղցուած է բազմահարթակ ճատրակի մօտեցումով: Չենք ուզեր տարուիլ այն հարցականներով կամ մեկնաբանութիւններով, թէ նման խաղի մը պատրաստութեան մէջ արդեօք արտաքին կողմեր դերակատար էի՞ն, կամ ներշնչում տուի՞ն… 23 ապրիլին, երբ Փաշինեանը` յոխորտացող Սերժ Սարգսեանի երեսին կը նետէր, որ ան իրականութենէն կտրուած է եւ չի գիտեր, թէ իր քողարկուած սպառնալիքները հիմք չունին, սկսուած խաղին տարողութիւնը ա՛յսքան յստակ չէր: Յաջորդ օրերը, ցոյցերուն հետեւած զարգացումներն ու նոր իշխանութեան կազմաւորման արագ ընթացքը ցոյց տուին, որ «տակից» բաւական ճամբայ կտրուած էր երկար ատենէ ի վեր: Փաստօրէն նոր կառավարութեան մէջ պաշտօնի հասան եւ անմիջապէս գործի անցան բազմաթիւ նորեկներ. ուժական համակարգին (բանակ, ոստիկանութիւն, անվտանգութեան ծառայութիւն…) եւ արդարադատութեան մարզին մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան բազմաթիւ գիծերու վրայ, նաեւ` բազմաթիւ մարզերու, քաղաքներու եւ գիւղերու, երկիրը մարմնաւորող տարբեր ոլորտներու մէջ. պաշտօնի կոչուեցաւ փաղանգ մը, որ քանի մը օրուան ծնունդ չէր: Այս բոլորը արձանագրուած են նախկին իշխանութիւններուն եւ կուսակցութեանց «քիթին տակ»:

Լրատու աղբիւրներու տեղեկատուութեանց եւ հրապարակային քննարկումներուն մէջ այս բոլորը շատ լայն տեղ ունին, սակայն հազիւ թէ ակնարկութիւններ կ՛ըլլան քաղաքական նոր խմորումներուն, խմբակցութիւններու վերադասաւորման ու դաշինքներու վերատարազումին մասին: Այս ոլորտին մէջ կան որոշ չափով բացայայտ, սակայն նաեւ լուսարձակներէ հեռու ինկող զարգացումներ: Երբեմն պէտք է տողերուն միջեւ կարդալ… Բացայայտ (եւ` նախատեսելի) զարգացումներէն մէկն է նախորդ իշխանաւոր կուսակցութեան` Հանրապետականին «մաշումը» (իսկ Երկրապահներու պարագան կը նմանի ստորակէտի մը). պատգամաւորներ ու որոշ անհատներ հեռացան այս խմբակէն, որ բազմաթիւ ծանօթ պատճառներով զրկուած է ուժական ընդդիմադիրի մը դերէն: Միւս կողմէ` սկսած են «վերարժեւորուիլ» նսեմացած ու լուսանցքային դարձած կարգ մը կուսակցութիւններ, որոնք արդարօրէն կամ անարդար կերպով դուրս ինկած են այժմու խորհրդարանէն: Շօշափելի նախանշաններ կան նոր կուսակցութեանց կազմաւորման` յառաջիկայ ընտրութեանց մասնակցելու յաւակնութեամբ (հաւանաբար նաեւ` այժմու պատկերը հիմնական փոփոխութեան ենթարկելու նպատակով, կառավարող վերնախաւին խճանկարը վերադասաւորելու դիտաւորութեամբ): «Ելք» դաշինքն ալ անաղմուկ փոփոխութիւններ կը կրէ. երէկի սերտ դաշնակիցներուն եւ բեմեր բաժնեկցողներու միջեւ նշմարելի են մանր «բացութիւններ», որոնք կրնան առիթ տալ նոր զարգացումներու, կամ` երէկի դաշնակիցներուն միջեւ գործակցութեան նոր տարազներու: Օրինակ մը տալու համար արձանագրենք այն լուռ հակադրութիւնը, որ ստեղծուած է Փաշինեանի կառավարութեան քուէ տուող Ծառուկեանի Բարգաւաճ Հայաստանին կարգ մը քայլերով` «քաղաքական բանտարկեալներ»-ու հարցերով (իրողապէս գերհզօր դարձած) Ազգ. անվտանգութեան ծառայութեան ու դատական իշխանութեանց դէմ երթալու իմաստով: Տաւուշ այցելութեան օրերուն, քանի մը օր առաջ, վարչապետը հաստատեց, որ Հայաստանի մէջ ներկայիս կայ կառավարական համաձայնութիւն, սակայն ոչ` դաշնութիւն` քոալիսիոն… Ի դէպ, նշմարելի էր, որ այս ու նախընթաց նման այցելութիւններ որոշ չափով կը կրէին ընտրարշաւի կնիք: (Մտային մարզանքի համար արձանագրենք. «Ելք»-ի անդամ կուսակցութիւնները վաղը` խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն կրնան մասնակցիլ առանձնապէս կամ նոր համաձայնութիւններու տարազներով, յաջորդ խորհրդարանին մէջ կազմելու համար բազմակուսակցական «դաշնութիւն» մը, իրենց տրամադրութեան տակ բերելով աթոռներուն մեծ մասը, միաժամանակ վերադասաւորելով այն տարազը, որուն հիմամբ Փաշինեան շահեցաւ վարչապետ նշանակման քուէները: Վարչապետը արդէն ակնարկութիւն ըրած է, որ իր կուսակցութիւնը` Քաղաքացիական պայմանագրութիւնը կը մտածէ առանձին մտնել խորհրդարանական ընտրապայքարի դաշտ, իսկ այժմու համաձայնութիւնը պարտադիր չէ կառավարութեան մաս կազմող անդամներուն…):

Եւ այս բոլորին մէջ անբնական եւ արտառոց ոչինչ կայ: Բնական է, որ նոր իշխանութեան հասնող անձ մը կամ կուսակցութիւն մը պիտի փորձէ կարելի ամէն միջոցի դիմել, որպէսզի ինքզինք ամրապնդէ ու իր իշխանութիւնը կայունացնէ բոլոր մակարդակներուն վրայ, ոլորտներուն մէջ. այսօրուան իշխանութիւնը աւանդական այս խաղը կը խաղայ բռնարարքներէ եւ հակաօրինական ձեւերէ ետ կանգնելու քայլերով ու խոստումներով, ինքզինք նոյնացուցած է ժողովուրդին հետ, կը խոստանայ ամէն բարիք, այդ ուղղութեամբ ալ գործնական քայլեր կ՛առնէ. Փաշինեանը յայտարարած է, որ իր շարժումը չի կրնար ձախողիլ, որովհետեւ ատիկա պիտի նշանակէ ժողովուրդին պարտութիւնը:

Պարզ խօսքով, բազմահարթակ ճատրակի խաղին առաջին տարածքը խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններն են անկասկած: Մինչեւ այդ հանգրուանը` ներկայ փուլը պիտի ըլլայ տարբեր խմորումներու շարունակման շրջանը: Նոր խորհրդարանի կազմութենէն ետք շատ աւելի յստակ պիտի դառնայ, թէ իշխանութիւն (կառավարութեան անդամներ, դաշնակիցներ ու գործակիցներ) եւ ընդդիմադրութիւն` ուժերու հաւասարութեան-անհաւասարութեան ի՞նչ պատկեր պիտի պարզեն: Այսօրուան իրադարձութիւնները կրնան միայն խելամիտ նախատեսութիւններու առիթ ստեղծել, եթէ մեր ակնարկները չբանտարկեն օրը օրին զարգացող դէպքերու եւ լրատութեան ճամբով զանգուածներուն հրամցուող իրողութիւններու շրջագիծին մէջ:

Վերոյիշեալ բնական զարգացումներուն, այսինքն նորերուն ենթահող ամրացնելու ճիգին մէկ այլ արտայայտութիւնն է ուղղակի եւ անուղղակի քարոզչութիւնը, որուն գլխաւոր խորագիրն է «նոր Հայաստան պիտի կերտենք»-ը, որ գործնական արտայայտութիւններ կը գտնէ նախկին կարգ մը ծրագիրներու կամ աշխատանքներու իրական կամ ձեւական անուանափոխութեամբ: Սա տեղի կ՛ունենայ բազմաթիւ գիծերու վրայ. նախկին չարաշահներու եւ մենաշնորհեալներու հետապնդումները եթէ արդարութիւն եւ պետութեան իրաւունքներու վերականգնումը կը վկայեն, յաճախ ընդհանուրին ուշադրութենէն կը վրիպի, որ որոշ գայթակղութեան մը մասին օրեր շարունակ բարձրացած տեղի՛ն աղմուկն ու լրատուութիւնը ատեն մը ետք կը դադրի կամ կը ծանծաղի, անհատներ կամ ընկերութիւններ դուրս կը մղուին կիզակէտային լուսարձակներէ, եւ այդ` ո՛չ միայն նոր հարցի մը կամ գայթակղութեան մը բացայայտման պատճառով:

Նախկին իշխանութեանց անդամներու ու մենաշնորհեալներու դէմ հետապնդումները, այսուամենայնիւ, կը ստեղծեն այնպիսի մթնոլորտ, որ` անցեալի իշխանութեանց օրով Հայաստանի մէջ գրեթէ ամէն բան վատ էր (այո՛, շատ վատ բան կար), դրական ոչինչ տեղի չէ ունեցած` ո՛չ ներքին եւ ոչ ալ պաշտպանական ու արտաքին-դիւանագիտական գետիններու վրայ: Սա կրնայ դիտաւորեալ չըլլալ, ոչ ալ նմանակումը համայնավարութեան օրերու` նախկին իրագործումները մերժելու եւ «նոր դարաշրջան» կերտելու յաւակնութեանց: Պէտք է պատմութեան սիրոյն արձանագրել, որ նախորդ իշխանութիւններուն օրով ըստ բաւականին յառաջխաղացքներ արձանագրուած են վերանկախացած մեր հայրենիքին մէջ` երկրի զարգացման, պաշտպանական, դիւանագիտական եւ այլ գետիններու վրայ: Ուրեմն, պէտք է դրական իրագործումներու ոլորտը ազատ պահենք չարաշահութկեանց դէմ արդարութիւն ընելու ոլորտէն: Պարզ օրինակ մըն է այն, որ Արցախի հարցին շրջագիծին մէջ, խորհրդային օրերուն` պարտադիր, իսկ վերանկախացման յաջորդած առաջին տարիներուն ինքնակամ զիջողականութիւնը (Ազրպէյճանին հող զիջինք, որպէսզի խաղաղ ապրինք տրամաբանութիւնը) այսօր փոխարինուած է իրաւունքներու տիրութեան համաժողովրդային կամքով: (Չենք արհամարհեր, որ արցախեան պատերազմի շղթայազերծման թէ 2016-ի ապրիլեան պատերազմի օրերուն իրաւատիրական կամքը գործնական նո՛յն արտայայտութիւնը ունեցաւ): Յետանկախութեան բարեշրջումներն ալ ուղղակի շարունակութիւնն էին… խորհրդային տարիներու առաւել կամ նուազ իրագործումներուն, որքան ալ որ այսօր ատելի նկատուին խորհրդային տարիները (թէեւ ոմանց մէջ այդ օրերու երանաբաղձութիւնը չէ մարած…): Երկրի մը զարգացման ընթացքը տեսնելու եւ դատելու համար անցեալի թերութիւնները քննադատելը եւ զանոնք չկրկնելը հրամայական են, սակայն սպասելի է նաեւ, որ անցեալ տասնամեակներուն, անցեալ աւելի քան մէկ դարուն մեր երկրին ու ժողովուրդին կեանքին մէջ դրուած հիմերն ու անոնց վրայ բարձրացող կառոյցները նոր կորովով, որակով, մաքուր ձեռքերով զարգացուին, հիմերն ու կառոյցներուն պատերը ամրանան, նոր քարեր աւելնան նախկիններուն վրայ` փոխարինելով տկար կամ թոյլ քարերը: Մէկ խօսքով, պետութեան եւ երկրի կառուցումը արագանայ:

Նոր խորհրդարանի կազմութիւնը վստահաբար նոր կնիք մը պիտի դնէ երկրի կառավարման նոր դրութեան վրայ. ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան անցած է նախագահականէ խորհրդարանական իշխանութեան դարաշրջան, ուր վարչապետը դարձած է աւելի հեղինակաւոր, քան` հանրապետութեան նախագահը (նախկին դրութեան մէջ հակառակն էր): Ընտրութեանց փուլէն ետք պիտի բացուի նոր փուլ մը, ուր վստահաբար վերջ պիտի գտնէ կառավարութեան իրողապէս ինքնակամ գործելու եղանակը եւ խորհրդարանը պիտի վերականգնէ իր ամբողջական դեր: Հիմա ականատես ենք կառավարական որոշումներու եւ նոր օրէնքներու որդեգրման ձեւի մը, որ կլասնոսթի դրութեամբ կը ցուցադրուի պատկերասփիւռէն (վարչապետը ի սկզբանէ խոստացած էր կառավարութեան նիստերը բաց պահել մամուլին առջեւ եւ «գաղտնի» որոշումներ չտալ). խորհրդարանի արձակուրդի շրջանը առիթ կու տայ, որ անոր օրէնսդիրի դերը գործնապէս լուսանցքայնանայ, թէեւ արդար ըլլալու համար պէտք է արձանագրել, որ կառավարական կարգ մը որոշումներ ատենին խորհրդարանէն անցան եւ որդեգրուեցան մեծամասնութեան քուէով` ցոյց տալով, որ համախոհական գետիններ կրնան ստեղծուիլ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ: Իրողական մէկ այլ պատկեր է այն, որ լրատու աղբիւրներն ու մեկնաբանութիւնները առաւելաբար կեդրոնացած են վարչապետին վրայ, նախարարներու այլ գործակիցներ անհամեմատօրէն նուազ կ՛երեւին իրենց գործերուն մէջ, իսկ նախագահը կարելի է նկատել գլխաւոր բացական` բացի արարողական որոշ առիթներէ: Իսկ բոլորովին այլ հարց է, թէ խորհրդարանական մեծամասնութիւն ապահովելու յաւակնող այսօրուան իշխանաւորները արդէն իսկ իրենց կողքին կրնան ունենալ «համախոհ» խորհրդարան մը…

Ճատրակի խաղին մէկ այլ տարածքն ալ նոր իշխանութիւնը փորձաքարի զարնող քայլերն էին, որոնք օրին որոշ աղմուկ բարձրացուցին, սակայն հիմա ջուրը գտած է իր ընթացքը: Օրինակներ էին (բայց` ոչ միակը) կենսաթոշակի կուտակային պարտադիր դրութեան որդեգրումի հարցը, կաթողիկոսութեան շուրջ ստեղծուած ծանօթ շարժումն ու կարգ մը հանքերու գործունէութեան մասին ցոյցերն ու ընկերակցող իրադարձութիւնները: Կուտակայինի հարցը նոր կառավարութիւնը մատնեց մանր տագնապի մը, երբ խնդրոյ առարկայ նախարարը հրաժարական տուաւ, իսկ այլ նախարար մը հրապարակաւ հակադրուեցաւ վարչապետի պնդումներուն: Հարցը գտաւ բարի լուծում, հրաժարեալը վերադարձաւ իր աշխատանքին, եւ գործերը կը շարունակուին բնական ընթացքով: Կաթողիկոսարանին մէջ շաբաթներ շարունակ շարունակուած աղմկայարոյց զարգացումները մարեցան. վստահաբար շարժումը գլխաւորող նախկին հոգեւորականին կարգազրկումը մոգական միակ գաւազանը չէր, այլ պէտք է տեսնել նաեւ, որ տեղ մը իշխանութիւնները չյայտարարուած ետդարձ մը կատարեցին «եկեղեցւոյ ներքին հարցերուն չմիջամտելու» հրապարակուած կեցուածքէն, եւ նման պատկերի մէջ պէտք չէ արհամարհել այն պահանջները, որոնք հրապարակ եկան մէկէ աւելի կողմերէ` «եկեղեցին անձերէ վեր` ազգային հաստատութիւն նկատելու» հայեցակէտով: Հանքերու եւ կարգ մը այլ մեծ գործատուներու շուրջ ստեղծուած տագնապներն ալ հիմա որոշ չափով հեռու ինկած են լուսարձակներէ (անկախ անկէ, թէ նման հարցեր բարւոք լուծում գտա՞ծ են, թէ՞ ոչ, կամ` շահատուրքերէ խուսափողներէն գանձուող հին պատքերը ի վերջոյ ինչպէ՞ս պիտի օգտագործուին ի շահ պետութեան ու ժողովուրդին):

Այս բոլորը կ՛արձանագրենք` առանց յետին նպատակներու, այլ նաեւ զանոնք կը դիտենք իբրեւ բնական զարգացումներ` ինքզինք որոնող եւ ամրապնդող իշխանութեան մը փորձարկումներուն իբրեւ բնական արտայայտութիւն:

Այսօրուան սիւնակներուն մէջ փորձեցինք ճատրակի խաղը դիտել նորագոյն զարգացումներուն եւ մեզ խորհրդարանական ընտրութիւններ հասցնող փուլի հարթակին վրայ: Այլ հարթակներու եւ ուղղութիւններու մասին` առանձին:

1էն-12 Օգոստոս 2018


Ասորի Արքեպիսկոպոս Աթանասիոս Եշու Սամուէլ` Հայասպանութիւնն Ու «1915-Սուրի Տարին»

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վկայ եւ վերապրող ասորի արքեպիսկոպոս Աթանասիոս Եշու Սամուէլը Պաղեստինի Մեռեալ ծովու շրջակայքի քարայրներէն յաջողած է հաւաքել Քրիստոսէ առաջ պահուած մագաղաթներ եւ այս մասին հեղինակած ու հրատարակած է գիրք մը` «Կումրանի գանձերը, Մեռեալ ծովու մագաղաթներու պատմութիւնս» խորագիրով, 1968, տպագրութեան վայրը չէ նշուած (The Treasure of Qumrani: My Story of the Dead Sea Scrolls-1968): Սոյն գիրքին մէջ արքեպիսկոպոսը պատմած է իր կեանքի ոդիսականը եւ արձանագրած`  հայասպանութեան փաստը ամրապնդող  վկայութիւններ, որոնց պիտի անդրադառնամ միայն: Անգլիացի պատմաբան Տէյվիտ Կաունթ` այս մասին պատրաստած է զեկուցում մը եւ ներկայացուցած` Սթոքհոլմի Սէոտըրթէորն համալսարանի մէկ գիտաժողովին, որուն ընթացքին արծարծուած են հայասպանութեան վերաբերեալ զանազան նիւթեր` «Ցեղասպանութեան ժամանակէն 1915-2015, զեկուցում Հայոց ցեղասպանութեան եւ ասորական կոտորածներու մասին, 2015, Սթուտիոֆորպունտեթ Պիլտա հրատ., Սթոքհոլմ, Շուէտ» (In Times of Genocide 1915-2015: Report from a conference on the Armenian Genocide and Syriac Seyfo- publisher:  Studieförbundet Bilda, 2015, Stolkholm, Sweden) խորագիրին տակ:

Սէոտըրթէորն համալսարան- Սթոքհոլմ-Շուէտ

Տէյվիտ Կաունթը ծնած է Լոնտոն, 1944-ին: Ան Սթոքհոլմի Սէոտըրթէորն համալսարանի պատմութեան դասախօս է: Կաունթը կ’ըսէ, որ հայասպանութեան մասին Եշու Սամուէլի ականատեսի այս վկայութիւնը ասորական հազուագիւտ աղբիւրներէն մէկն է:

Եշու Սամուէլը ծնած է սուրիական Հելուա գիւղը, 1907-ին: Անոր ծնողները գաղթած են Թուր Ապտին ասորական աւանէն: Հելուա երկրագործական ու ջրառատ գիւղը կը գտնուի Գամիշլի քաղաքին հարաւը: Գիւղին ասորիները բարի համակեցութեամբ կ’ապրէին շրջակայքի պետեւիներուն հետ, որոնք գիւղացիներուն ոչխարները կ’արածէին եւ փոխարէնը` հացահատիկ կը ստանային:

1915-ին Տիգրանակերտի կառավարիչ
Մեհմետ Ռեշիտ պէյ 1873-1919

Բազմաթիւ ականատես վկաներու յուշերուն մէջ կը կարդանք, որ թուրքերը յատուկ ոճրագործներ նշանակած էին եւ անոնց յանձնած` հայեր սպաննելու գործը, կ’ըսէ Տէյվիտ Կաունթը: Սկիզբը ան հաւատք չէր ընծայած այդ խօսքերուն, մինչեւ որ իր աչքերով կարդաց օսմանեան արխիւները, որոնց մէջ յստակօրէն գրուած էր, թէ օրուան ներքին գործոց նախարար Թալէաթը հրաման տուած էր Սեւերակի բանտէն խումբ մը մարդասպաններ ազատ արձակելու` հայեր սպաննելու համար: Նոյն նպատակին համար Տիգրանակերտի կառավարիչ [Մեհմետ] Ռեշիտ (1873-1919) պէյ (5 նոյեմբեր 1918, Կ. Պոլսոյ մէջ ան կը ձերբակալուի իբրեւ պատերազմական ոճրագործ, որ կոտորած էր հայերն ու ասորիները 1914-1918: Կը բանտարկուի Պեքիր աղա բանտին մէջ, բայց կը յաջողի փախուստ տալ 1919-ի յունուարին: Երբ կառավարութիւնը կը հետապնդէ զայն, տեսնելով, որ փախուստի ճամբաները փակուած են, ան անձնասպան կ’ըլլայ,  Յ. Ի.) համաձայնութիւն մը գոյացուցած էր իր եւ Տիգրիսի ափին գտնուող Պաթման գիւղի քրտական Ռամա ցեղախումբի ոճրագործ աւազակներուն հետ, որոնք տեւական մարդասպանութեամբ եւ կողոպուտով զբաղած էին, այդ պատճառով ալ` բանտարկուած: Ռեշիտ պէյ զանոնք բանտերէն ազատ կ’արձակէ, որպէսզի հայեր ու ասորիներ սպաննելու համար օգտագործէ: Սկզբնական համաձայնութեամբ, անոնք զոհերէն խլելիք հարստութեան կէսը պէտք էր որ Թրքական կարմիր մահիկին տային, իսկ միւս կէսը կրնային իւրացնել: Ականատես վկաներու համաձայն, Տիգրանակերտէն մինչեւ Մուսուլ երկարող Տիգրիսի ջուրերուն վրայ կը ծփային հայոց դիակներն, ու զոհերու մարմնի զանազան մասերը: Ռամա ցեղախումբի աւազակ ոճրագործները Տիգրիսի ափերուն ուրիշ գիւղերու հայերն ու ասորիները կը ջարդեն զանոնք կողոպտելէ ետք: Այդ գիւղերէն են` Այն Վարդօ, Տուֆնի, Հապսես եւ Քապիէ:

Վերադառնալով Եշու Սամուէլի ականատեսի վկայութեան, ան կ’ըսէ, որ թուրք ոստիկաններ, որոնք բռնագաղթուած հայերու կարաւանի մը ընկերակցութեամբ իրենց տան առջեւէն կ’անցնէին, իր հօրը ըսած էին, որ իրենք գաղութարար զինուորներ են եւ Միջագետքի հարաւային շրջանը կ’երթային: Սակայն իրենց տան շրջափակէն քիչ մը անդին անոնք գիշերով կարաւանին բոլոր գաղթականները կը մորթեն: Անոնցմէ մարդ մը միայն մազապուրծ ազատելով Եշու Սամուէլենց քով կ’ապաստանի: Վերապրողը Եշուի ընտանիքին կը պատմէ իր տեսածները, թէ ինչպէ՛ս թուրքերը հազարաւոր հայեր սպաննելով նետած էին գետերու եւ լիճերու մէջ: Լսողները կ’այլայլին ու կը սոսկան: Այդ մարդը ժանտատենդէ բռնուած ըլլալով` կարճ ատեն մը ետք կը մահանայ: Եշու Սամուէլի հայրն ալ նոյն հիւանդութենէ վարակուելով կը մահանայ:

Թուրքերը սաստիկ նեղութիւն կը պատճառեն Հելուայի ասորիներուն: Անոնք ամէն օր տուները կը մտնեն ու կը կողոպտեն ժողովուրդը: Հելուայի ասորիները կ’որոշեն լքել գիւղը եւ աւելի ապահով տեղ մը ապաստանիլ: Եշու իր հօրեղբօր եւ գիւղի այրերուն հետ կը հեռանայ: Անոր մայրը գիւղը կը մնայ հունձքի ժամանակը մօտ ըլլալուն պատճառով: Ասորիները Սուրբ Մալքի վանքը կը մտնեն պատսպարուելու համար: Թուրքերն ու քիւրտերը անոնց վրայ կրակ կը բանան: Ասորի երիտասարդները կը դիմադարձեն կրակին: Բախումներու ընթացքին Եշուի հօրեղբայրը կը զոհուի: Կարճ ատեն ետք ասորիները կը լքեն վանքն ու աւելի ապահով տեղ մը կը փնտռեն, 1916-ի սկիզբը: Անոնք հիւանդ ու որբացած Եշուն ճամբան կը թողուն: Անծանօթ մարդիկ Եշուն կը վերցնեն ու հոգ կը տանին անոր մէկ տարի, մինչեւ որ ան իր մայրը կը գտնէ եւ կը միանայ անոր: Մծբինի կառավարիչ` տխրահռչակ Քատտուր պէյի հրամանով թուրքերն ու քիւրտերը յաճախ ասորի գաղթականներուն վրայ կը յարձակին եւ կը նեղեն զանոնք: Անոնք Եշուի եղբայրը ողջ-ողջ կրակի մէջ կը նետեն: Եշու իր մօրը եւ ուրիշ ասորի գաղթականներու հետ կը մեկնի Մծբին, ուր բազմահազար հայ գաղթականներ գերիներու նման ճանապարհաշինութեան վրայ կ’աշխատէին` օրական պատառ մը չոր հացի փոխարէն: Հայ աշխատաւորները գիշերները բանտարկեալներ էին վրաններու մէջ, զորս թուրքերու եւ գերմանացիներու հսկողութեան տակ առնուած էին: Եշուի մայրը ճիշդ հայերու պէս եւ կողք-կողքի անոնց հետ կ’աշխատէր ճանապարհաշինութեան մէջ, միակ տարբերութեամբ, որ ան զերծ էր իր մարմնին վրայ մտրակի հարուածներ ստանալէ ու թուրք ոստիկան զինուորներէ հայհոյանքներ լսելէ, որ միայն հայերուն վիճակուած էր:

Եշու Սամուէլ ի տես հայ մանուկներու տառապանքին` հետեւեալը կ’ըսէ. «Նիհար ու տխեղծ հայ մանուկներ գերմանացի զինուորներու հսկայ վրանին առջեւ դրուած աղբամանները կը խառնէին իրենց թաթիկներով: Անոնց ոսկրացած մատները խլուրդներու նման աղբամանի մետաղեայ պատերուն կը քսուէին եւ արագ շարժումներով իրենց բերանները կ’երթային ուտելիքի փշրանքներով լեցուն: Քիչ մը անդին, երկարահասակ գերմանացի սպայ մը, առողջ ու փայլուն տեսքով, մէկ կողմէ լեցուն ափով իր ձիուն թարմ չամիչ կը կերակրէր, միւս կողմէ` թշուառ հայ երեխաները կը դիտէր» (էջ 39):

Հակառակ անոր որ Հելուա գիւղը շատ հեռու էր բռնագաղթուած հայոց ճանապարհներէն, բայց եւ այնպէս թուրքերը զայն ամբողջովին կը կործանեն: Անոնք նոյնպէս կ’աւերեն հիւսիսային Սուրիոյ բոլոր ասորի գիւղերը, կ’ըսէ Եշու Սամուէլ: Ըստ Տէյվիտ Կաունթի, պատերազմի վերջաւորութեան, 1919-ին, Ասորի ուղղափառ եկեղեցին Կ. Պոլսոյ մէջ ֆրանսական եւ անգլիական կառավարութիւններուն ներկայացուց յուշագիր մը, որուն մէջ նշուած է ասորիներու ընդհանուր մարդկային կորուստը` 90.313 մեռեալ: Յուշագիրին մէջ  կը նշուի նաեւ 156 եկեղեցիներու եւ վանքերու քանդումը, 154 քահանաներու եւ վարդապետներու սպանութիւնը: Միայն Մծբինի (Նուսէյպին) մէջ 7000 ասորի գաղթական եւ 25 քահանայ զոհուած էին: Վերոյիշեալ թիւերը միայն ասորիներու կը վերաբերի: Ասորի-քաղդէական պատուիրակութիւնը 1919-ին  ֆրանսացիներուն եւ անգլիացիներուն ներկայացուցած է ասորիներու եւ քաղդէացիներու միացեալ զոհերու ցուցակ մը` 250.000 հոգի:

Տէյվիտ Կաունթը Տիգրանակերտի նահանգի Մարտին քաղաքի քրիստոնեաներուն կոտորածը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ: Մարտին օսմանեան պետութեան մէջ կարեւոր քաղաք մըն էր, ուրկէ առեւտուրի բազմաթիւ կարաւաններ կ’անցնէին` Արեւելք-Արեւմուտք իրար կապելով: Թէեւ քաղաքը երկրին մէջ կատարուող խժդուժութիւններէն եւ ջարդերէն հեռու էր, սակայն եւ այնպէս թուրքերն ու քիւրտերը անոր քրիստոնեայ բնակիչները հալածեցին, անարգեցին, բռնի ուժով տարագրեցին, բանտարկեցին, չարչարեցին եւ փողոցներու մէջ քաշքեցին ու սպաննեցին: Մարտինի բնակիչները ականատես կը դառնային բռնագաղթուած հայոց մահուան կարաւաններուն, որոնք քաղաքին մօտէն կ’անցնէին դէպի Տէր Զօր ճանապարհին վրայ: Ասոր մասին Կաունթը կ’ըսէ. «Մարտինցիներէն շատերը սոսկումով կը տեսնէին հայոց կարաւաններուն դժոխային տեսարանները: Ոմանք թերեւս վայելքի զգացումով կը դիտէին այդ տեսարանները, ինչպէս ժամանակին հռովմայեցիները` տեղական սուսերամարտերը: Ուրիշներ անոնց մէջ կը տեսնէին Աստուծոյ բարկութիւնը որ իր ժողովուրդը կը պատժէր հաւաքական մեղքի մը համար: Տակաւին, ուրիշներ կը տեսնէին մորթուող քաղաքացիներ, որոնք անիրաւօրէն ու անարդարօրէն ամբաստանուած էին յեղափոխութիւն մը դաւադրելու համար» (էջ 40): Տեղի ունեցող կոտորածները ասորիները կը կոչեն «Սէյֆօ», որ «Սուր» կը նշանակէ եւ, հետեւաբար, աշխատութիւնը վերնագրուած է «1915, Սուրի տարին»: Մարտինի վերապրող բնակիչները լաւ գիտէին, որ 1915-ի յունիսին այդ ջարդերը հրահրողներն էին կառավարիչ Պետրի պէյն ու ոստիկանապետ Մեմտուհ եւ ուրիշ պաշտօնեաներ:

Սուլթանէն սկսեալ` օսմանեան պետութեան քաղաքական եւ զինուորական պատասխանատուներուն մեծամասնութիւնը կ’ուզէր տեսնել պետութիւնը միայն թուրքին համար: Տակաւին թուրքերը իրենց կայսրութիւնը ընդլայնելու սին երազներ կը փայփայէին:  Համաթրքութեան ծրագիրը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է եւ որոշ ժամանակի մը  յատուկ չէ: Շրջանը թրքացնելու գաղափարը կը մարի անոնց մէջ, ամէն անգամ որ տկար դիրքի վրայ գտնուին: Ամէն անգամ, երբ թուրքը զօրաւոր զգայ ինքզինք, համաթուրքութիւն կոչուած հրէշը իր գլուխը կրկին կը ցցէ: Այս էր հիմնական պատճառը, որ Մեծ եղեռնի տարիներուն ինչո՞ւ Թուրքիոյ ոչ հայ քրիստոնեաները եւս կոտորուեցան հայոց նման: Թուրքերն ու քիւրտերը խնայեցին անչափահասները` մանչերը թէ աղջիկները, ոչ թէ գութի եւ կարեկցանքի մղումով, այլ` շահագործելու եւ օգտուելու անոնց ծառայութիւններէն եւ ապա թրքացնելու համար զանոնք: Հայ եւ քրիստոնեայ հարսեր ու աղջիկներ բռնի ուժով ստիպուեցան անոնց տուներուն եւ արտերուն մէջ ծառայել, եւ որովհետեւ անոնք անօգնական ու անտէր մնացած էին, թրքացուեցան: Այս մէկը լաւագոյնս կը ծառայէր թուրքերու համաթրքութեան ծրագիրին:

Անոնք, սակայն, իրենց մտքին ծայրէն անգամ չէին անցուցած, որ պիտի գայ օրը, երբ թրքացուած հայերը պիտի գիտակցին իրենց ցեղային արմատներուն եւ պիտի ուզեն իրենց կապանքներէն ձերբազատիլ: Այսօր շատ կը խօսուի իսլամացած կամ աւելի ճիշդը` թրքացուած հայերու մասին, որոնց թիւը միլիոնի սահմանին կը հասնի: Այս հարցը պէտք է մեծ ուշադրութեամբ քննարկուի, որովհետեւ շատ դիւրին կրնայ շահագործուիլ թուրքին կողմէ` հակառակ այն իրողութեան, որ հարցը աւելի մեծ խնդիր կը յառաջացնէ թուրքին համար: Աչալուրջ եւ խոհեմ ըլլանք, որպէսզի կարենանք վերադարձնել այն, որ մեզի` հայերուս կը պատկանի:

Կը Վերականգնի՞ Հարազատի Մեր Տեւաբար Նահանջող Հպարտութիւնը

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Կ’ուզեմ խօսիլ պարզ բաներու մասին, պարզ եղանակով:

Հայաստան եւ բազմաբղէտ աշխարհատարած սփիւռքներ, հանգամանքներով, աթոռ-աթոռակներով, շքանշաններով, քսակի հարստութեամբ հպարտութիւն կ’որոնենք եւ կը կարծենք ձեռք բերել, միւս կողմէ` կը մրոտենք մեր ինքնութիւնը, հարազատութիւնը, կը բաւարարուինք լուսանկարներով:

Ինչպէս որսորդը կը վազէ նապաստակին ետեւէն, այդպէս ալ մենք դիրք, լուսարձակ եւ բեմ կը փնտռենք, ամէն աղբիւրէ ջուր կը բերենք մեր հպարտութիւնը ջնարակելու համար, բայց կը դադրինք հետզհետէ մենք մենք ըլլալէ` հայերէնը դնելով ձեղնայարկի անպէտք իրերու մառանը (grenier), եւ կը կորսուի մեր ինքնութիւնը, շարունակութիւն ըլլալու ներուժը:

Անցեալին հարազատ հայերէն խօսիլ եւ գրել` ազգային եւ ընտանեկան հպարտութիւն էր:

Հիմա օտար լեզուներով խօսիլ եւ գրել, հաղորդակցիլ` դարձած են նոր հպարտութիւն, հայերէնը դասելով աղքատի, տնանկի, տգէտի, յետամնացի զամբիւղը: Քաղքենիացածին եւ գործնապաշտին համար պատճառաբանութիւնը պարզ է. հայերէնը փոր չի կշտացներ:Նաեւ այսպէս կը մտածեն մարդիկ քաղքենիացող Հայաստանի մէջ:

Աւելցնենք նաեւ համացանցով տարածուած բարբարոսութիւնը լատինատառ հայերէնը, եւ հանդիսատես կ’ըլլանք մեր իսկ ձեռքերով կատարուող տնաքանդ աշխատանքին: Խորթացումը ոչ յառաջդիմութիւն է, ո՛չ ալ հարազատութիւն:

Հայերէն խօսողներ եւ գրողներ անգամ, բանգէտի պարեգօտ հագնելու համար, հայերէնը կը խճողեն աշխարհի բոլոր լեզուներէն փոխ առնուած բառերով` իրենք իրենց եւ շրջապատին ներշնչելով այն զգացումը, որ հայերէնը աղքատ եւ նախնական լեզու է, այս ըսելով` նաեւ իրենք իրենց կը շնորհեն իմաստունի պսակ: Հաւատացողներ ալ կը գտնեն: Քաջալերողներ, որոնք կը ծափահարեն` շեփորելով, որ Պեռնատեթին կամ Ճէյնին տղան կամ աղջիկը անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, սպաներէն կը խօսին տեղացիէն լաւ: Աղքատացած հոգիներու` նոր սնափառութիւնը: Եթէ միայն կարդացած ըլլային Դանիէլ Վարուժանի եւ Չարենցի հայերէն խօսքի եւ բառերու հեղեղը, հաղորդուած ըլլային անոնցմէ բխող համանուագով…

Ոմանք ալ, համալսարանական տիտղոսներով, գիտական հիմնաւորում կու տան նահանջին, կ’ըսեն, որ լեզուն կը յառաջդիմէ…

Հայաստան, ամբոխը եւ կարգ մը գրագէտհամարուածներ, համատեղ ճիգերով կը զբաղին օտար բառերու անսահմանափակ ներածումով: Եթէ ժողովուրդ մը ինք տէր չըլլայ իր լեզուին, այդ լեզուն կը կծկուի եւ կը մնայ հետզհետէ սեղմուող շրջանակի մը մէջ, մեռեալ լեզու դառնալու ճամբուն վրայ, կամ կը ծնի խառնածին  (hybride) լեզու մը, այսինքն` ջորի, զոր ոմանք կը սիրեն կոչել ժողովուրդի լեզու: Այդպէս համարուած լեզուն լսելու եւ տեսնելու համար պէտք է գտնուիլ, օրինակ, Երեւանի բանջարեղէնի եւ միրգի վաճառատուներուն մէջ, ուր կը լսէք եւ գրուած կը տեսնէք մաղտանոսը, քիչ մը աւելի գրագէտները կ’ըսեն` փեթրուշքա, նաանան, պիպարը, մարուլը, բադրիճանը եւ ինչե՜ր:

Լրատուամիջոցները, իրենց կարգին, չուզելով ետ մնալ այս աւերիչ գործունէութենէն, կրկին անգրագէտ չըլլալու եւ դասակարգ փոխելու համար կը խօսին եւ կը գրեն մենտալիտետի, միւնիսիպելետի, ակրարայինի եւ պլանտացիայի հարցերու մասին, իսկ ցուցանակները նոր քերականներ են նոր հայերէն սորվելու համար` էպիլացիայէն էլիտար, ստոմոլքիայէն կոսմետիկա… եւ ինչե՜ր…

Իսկ սփիւռք(ներ)ը, ուր անցեալին մաքուր հայերէն խօսիլ հպարտութիւն էր, այժմ, եթէ հայերէնը ամբողջովին չէ փոխարինուած օտար լեզուով մը, նոյնիսկ, ինչպէս սովորութիւն էր ըսել ամրակուռ գաղութներու մէջ, այդ մաքուր հայերէնը գիրքի լեզու է, հինցած, ժամանակավրէպ: Կարծէք` դասակարգ փոխելու համար մարդիկ իրենց չգիտցած լեզուներէն բառեր կ’որսան եւ կը թխեն հայերէնի մէջ: Հաւը անմարսողութիւն կը պատճառէ, պէտք է ըսել չիքըն, արձակուրդը անհամ բան է, պէտք է ըսել վաքանս կամ վեքէյշըն, որքա՜ն անհամ է ըսել գեղեցիկ տեսարանով տուն, պէտք է ըսել վիու ունեցող: Գրողներն անգամ, հինէն ի վեր, կարծէք` իրենք զիրենք համոզած են, որ տառադարձուած օտար բառը աւելի նշանակալից եւ հնչեղ է, քան` հայերէն բառը, ինչպէս ցինիկը, որ մեր նոյնիմաստ շնականն է, կամ Տէրեանի լիրիկականը, որ նոյնիմաստ քնարականն է:

Դեռ չեմ խօսիր ո՛չ ապամոնթաժելու, ո՛չ պատալոկի, ո՛չ կոնստրուկցիայի, ո՛չ տրանսպորտի, ո՛չ կոռուպցիայի, ո՛չ կուլտուրականի եւ այլ բաներու մասին…

Յաճախ կը յիշեմ ֆրանսացի մեծ իմաստասէր Ժորժ Կիւզտորֆի իր ծաւալուն գիրքին մէջ, «Յիշողութիւն եւ անձ» ծիրանաւոր Փոլինեաքի վերագրուած հետեւեալ դէպքը: Ան կապիկի մը վանդակին առջեւ կանգնած` երկար կը դիտէ եւ հուսկ կ’ըսէ. «Խօսէ՛ եւ քեզ մկրտեմ…»:

Եթէ մենք մեզ դիտէինք այդ ծիրանաւորի աչքերով եւ հաւատարմութեան յանդգնութեամբ խօսէինք մենք մեզի հետ, շարքային հայեր, մեծանուն դէմքեր, համալսարանի դասախօսներ, օտարագիրներ եւ քաղաքական դէմքեր, եւ եզրակացնէինք, ինչպիսի յստակացումներու եւ հզօրացման կրնայինք հասնիլ:

Գէթ սկսէինք բարենիշ չտալ նահանջողներու…

Եւ խօսիլ ծիրանաւորին պէս. «Խօսէ՛ եւ քեզ մկրտեմ…»:

Գէթ եկեղեցականները գիտեն, որ ի սկզբանէ բանն էր…

Առանց լեզուագարութիւններու, հայու արմատներու հաւատարմութիւնը ո՞ւր զետեղել, այսօ՛ր, մանաւանդ` վաղը, չհարթուելու համար համաշխարհայնացման գլանին տակ:

Ա՛յս` Հայաստան եւ սփիւռքներ:

Անկրկնելի Շաւարշ Նարդունին կ’ըսէր, որ պարզապէս կատուին կատու պէտք է ըսել…

15 օգոստոս 2018, Երեւան

Հակազդեցութիւն Էրտողանի Քարոզչութեան` «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի Մէջ

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Տարիներ շարունակ թրքական կառավարութիւնը ամերիկեան բազմաթիւ ընկերութիւններ վարձած է Ուաշինկթընի մէջ լոպիական գործունէութիւն ծաւալելու եւ իր անունով հանրային կապեր հաստատելու համար:

Նման ընկերութիւններ վարձելը շատ սուղ է եւ հիմնականին մէջ գումարի վատնում է, քանի որ այդ ընկերութիւնները թիւով աւելի շատ փաստաթուղթեր կը ստեղծեն, քան` իրական արդիւնք: Սակայն անոնք կրնան երբեմն նախապատրաստել յօդուածներ` թուրք պաշտօնեաներու անունով եւ օգնել զանոնք հրապարակելու ամերիկեան թերթերու մէջ, ինչպէս նաեւ` կազմակերպել այդ պաշտօնեաներուն այցելութիւններն ու հանդիպումները Միացեալ Նահանգներու տարածքին:

Թրքական կառավարութիւնը ստիպուած է մեծ գումարներ ծախսելու այսպիսի ընկերութիւններ վարձելու համար, քանի որ Թուրքիա չի կրնար ապաւինիլ Ամերիկայի թրքական համայնքին` իր անունով լոպիական գործունէութիւն ծաւալելու կամ PR իրականացնելու նպատակով, անկախ անկէ, թէ որքա՛ն գումարներ կը յատկացուին Անգարայէն: Նոյն իրավիճակին մէջ են Ազրպէյճանի կառավարութիւնն ու Ամերիկայի ազրպէյճանական համայնքը: Ո՛չ թրքական, ո՛չ ալ ազրպէյճանական համայնքները աշխուժ են ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ, եւ անոնք  այնքան վաղեմութիւն չունին Միացեալ Նահանգներու մէջ, որքան` հայկական համայնքը: Ահա թէ ինչո՛ւ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կ՛ապաւինին վճարովի լոպիիստներու` Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենց շահերը առաջ մղելու համար:

Հաշուի առնելով Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցած վերջին շրջադարձը` հաւանաբար թրքական կառավարութեան կողմէ վարձուած PR-ի ընկերութենէ մը խնդրած էին սիւնակ նախապատրաստել Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի անունով եւ օգտագործել վերջինիս կապերը` «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին մէջ այդ յօդուածը հրապարակելու համար:

Բնականաբար սիւնակը պէտք էր որ աւելի արտացոլացնէր Էրտողանին տեսակէտները, քան PR ընկերութեան ներկայացուցիչներունը: Հետաքրքրական կ՛ըլլար համեմատել ամերիկեան PR ընկերութեան առաջարկած առաջին տարբերակը վերջնականին հետ, որ վերանայուած էր Էրտողանի աշխատակազմին կողմէ:

Դատելով Էրտողանի յօդուածին բովանդակութենէն` կարելի է եզրակացնել, որ PR ընկերութեան առաջարկած գրութիւնը` գրուած նրբանկատօրէն եւ վարպետօրէն, չէ ընդունուած Անգարայի կողմէ: Փոխարէնը, ինչ որ հրապարակուած է «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ, Էրտողանի բռնակալական եւ ամբարտաւան կեցուածքին բնորոշ ճոռոմ յօդուած է… Մերժելով PR ընկերութեան աւելի դիւանագիտական գրութիւնը` Էրտողանը իր յօդուածը դարձուցած է անիմաստ` ամերիկեան հասարակութեան եւ կառավարութեան վրայ դրական ազդեցութիւն ձգելու նպատակով:

Էրտողանի` 10 օգոստոս 2018 թուականի քննադատական յօդուածը վերնագրուած էր` «Թուրքիա ինչպէ՞ս կը տեսնէ Միացեալ Նահանգներու հետ ճգնաժամը», եւ ունէր հետեւեալ ենթավերնագիրը` «Միացեալ Նահանգներու դէմ Թուրքիոյ միակողմանի գործողութիւնները կը վնասեն ամերիկեան շահերուն եւ կը ստիպեն Թուրքիոյ` փնտռել այլ բարեկամներ եւ դաշնակիցներ»:

Ընթերցողը չի տպաւորուիր յօդուածի այսպիսի վերնագիրէ` իր հակասական հնչերանգին եւ սպառնացող լեզուին պատճառով, ինչ որ չի նպաստեր որեւէ վէճի լուծման: Ահա քանի մը օրինակներ` Էրտողանի վիճելի տեսակէտներէն, որոնք տեղ գտած են անոր խմբագրական հակասական սիւնակին մէջ:

– «… Միացեալ Նահանգներ բազմիցս եւ հետեւողականօրէն չեն հասկցած եւ չեն յարգած թուրք ժողովուրդին մտահոգութիւնները»:

Իսկ ի՞նչ կ՛ըսէք թուրք ղեկավարին կողմէ ամերիկեան ժողովուրդին մտահոգութիւնները հասկնալու եւ յարգելու մասին… «Պոչը չի շարժեր շունը…»: Էրտողանը չի հասկնար, որ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներուն կարիքը աւելի ունի, քան Միացեալ Նահանգները` Թուրքիոյ: Երկար ժամանակ, Ուաշինկթընի մէջ թոյլ ղեկավարութեան պատճառով, թրքական կառավարութիւնը սանձարձակօրէն վարուած է իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից: Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները որքան շատ յարմարին թրքական վատ վարքագիծին, այնքան աւելի թշնամական կը դառնան: Եթէ տասնամեակներ առաջ Միացեալ Նահանգները Թուրքիան իր տեղը դնէին, վերջինս կը սորվէր ինքզինք պահել իբրեւ Ամերիկայի կրտսեր գործընկեր, այլ ոչ թէ` որպէս խանգարիչ…

– Էրտողան կը նախազգուշացնէ. «Եթէ Միացեալ Նահանգներ չսկսին յարգել Թուրքիոյ  ինքնիշխանութիւնը եւ չապացուցեն, որ կը հասկանան, թէ ի՛նչ վտանգներու առաջ կանգնած է մեր ազգը, մեր համագործակցութիւնը կրնայ վտանգուիլ… Թուրքիա այլընտրանքներ ունի: Միակողմանիութեան եւ անարգական վերաբերումի այս միտումը չփոխելու պարագային, մենք ստիպուած կ՛ըլլանք փնտռելու նոր բարեկամներ եւ դաշնակիցներ»:

Ասիկա դատարկ սպառնալիք է: Թուրքիա ազատ է դիմելու Ռուսիոյ կամ Չինաստանի եւ կորսնցնելու Միացեալ Նահանգներու եւ արեւմտեան Եւրոպայի զօրակցութիւնը: Ժամանակն է, որ ՕԹԱՆ-ը դիտարկէ Թուրքիան դաշինքէն դուրս շպրտելու հնարաւորութիւնը: Երթա՜ս բարով…

– Էրտողան նաեւ մեղադրած է Միացեալ Նահանգները` Սուրիոյ մէջ քիւրտ մարտիկները զինելու եւ այդ զէնքերը «Սուրիոյ, Իրաքի եւ Թուրքիոյ մէջ»  Թուրքիոյ դէմ օգտագործելու յանցանքով:

Նախ եւ առաջ սուտ է, որ ամերիկեան զէնքերը քիւրտերու կողմէ օգտագործուած են Թուրքիոյ մէջ: Երկրորդ, թրքական ուժերը իրաւունք չունին ներխուժելու Սուրիա եւ Իրաք` խախտելով անոնց տարածքային ինքնիշխանութիւնը:

Էրտողան կը շարունակէ հակազդել նախագահ Թրամփի պահանջին` ազատելու համար ապօրինաբար պահուող ամերիկացի պատուելի Էնտրու Պրանսընը` խնդրելով Միացեալ Նահանգներէն յարգել Թուրքիոյ «դատական գործընթացը»: Ի՞նչ դատական գործընթաց` Էրտողանի բռնապետութեան ներքոյ… Հազարաւոր թուրքեր բանտարկուած են առանց պատշաճ դատավարութեան կամ նշոյլ մ՛իսկ մեղաւորութեան: Եթէ Էրտողան խելք ունենար, շատոնց հրամայած կ՛ըլլար ազատ արձակել պատուելի Պրանսընը` այդպիսով խուսափելով Միացեալ Նահանգներու հետ աւելորդ  ճակատումէ: Բայց քանի որ Էրտողանը եւ անոր կրտսեր եղբայրը` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը անհաւասարակշիռ անձնաւորութիւններ են, անոնք հակաքարոզչութիւն կ՛ընեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ, բան մը, որ որեւէ PR ընկերութիւն չի կրնար կարգաւորել, անկախ անկէ, թէ որքա՛ն գումար վճարուած է:

Հետաքրքրական է, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» նոյն օրը, երբ տեղադրած էր Էրտողանին յօդուածը, հրապարակած էր նաեւ խմբագրական` դատապարտելով թուրք ղեկավարներու «անամօթ վարքագիծը»` պատուելի Պրանսընի «շինծու մեղադրանքներով» պահելու համար, այլեւ հարց բարձրացնելով` «արդեօք Թուրքիա տակաւի՞ն դաշնակիցն է Ամերիկայի»:

Հետեւութիւնը այն է, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին խմբագրականը կործանեց ամէն շահ, որ Էրտողան կ՛ակնկալէր ստանալ իր քարոզչական յօդուածէն` այսպիսով վատնելով մեծ գումարներ, զորս Թուրքիա ծախսած էր հանրային կապերու վրայ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Համերգ Այնճարում` Քաջալերանքի Արժանի Երեւոյթ

$
0
0

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Արուեստագիտութեան դոկտոր

Օրերս Այնճարի «Դալար անկիւն»-ի շրջափակում տեղի ունեցաւ մի համերգ, որ գեղեցկացրեց եւ իմաստաւորեց այդ գիւղաքաղաքի առօրեան: Լեցուն հանդիսատեսի առջեւ ելոյթ ունեցաւ երիտասարդների մի խումբ, որն իր բազմաբնոյթ կատարումներով (հայկական, եւրոպական, ճազ, պլիւզ եւ այլ) մեծապէս գրաւեց ներկաների ուշադրութիւնը եւ արժանացաւ բուռն ջերմ ծափողջոյնների: Ելոյթ ունեցողներն էին. Դանիէլ Գժտրեան (կիթառ), Րաֆֆի Թասլաքեան (դաշնամուր), Ալեքս Շաննաքեան (հարուածային գործիքներ), Շաղիկ Հապեշեան (ջութակ), Շանթ Փալազեան (պաս-կիթառ), Արի Վարդանեան (կիթառ), երգչուհիներ Լիլիթ Աբրահամեան եւ Լեթիսիա Հեքիմեան: Այս երիտասարդները հրաւիրել էին գեղեցկացնելու իրենց համերգային ելոյթը տարիքով իրենցից մեծ, սակայն իր էութեամբ ու կատարումով երիտասարդ այնճարցի մտաւորական Գօգօ Սգայեանին: Այս կազմով յիշեալ համերգի մտայղացող-կազմակերպիչներն էին Դանիէլ Գժտրեանը եւ Րաֆֆի Թասլաքեանը:

«Մենք տակաւին փորձառութիւն չունենք նման ելոյթների, բայց ընդամէնը մէկ ամսում կարողացանք մեր սրտի թելադրանքով ստեղծել այս խումբը: Պէտք չէ մոռնալ, որ մենք, հայերս ունենք երիտասարդ տաղանդներ եւ պէտք է նրանց ներկայացնել մեր ժողովրդին, զարգացնել նրա մշակութային ճաշակը, հաճելի պահեր պարգեւել», ասում է Դանիէլը: «Երբ միմիանց հանդիպում եւ համագործակցում են 2-3 տաղանդաւոր երիտասարդներ` արդիւնքը չի ուշանում ու լինում է զգալիօրէն մեծ»,- ճշմարտացիօրէն յաւելում է Րաֆֆին:

Այո՛, Այնճարի այդ համերգը վառ ապացոյցն է վերոյիշեալ խօսքերի: Եւ ո՛չ  միայն: Պարզապէս կարելի է զարմանալ, թէ ինչպէս երաժշտական մասնագիտական լիակատար ուսում չունեցող (որոշ դէպքերում ընդհանրապէս չունեցող) երիտասարդը ունակ է այդքան կարճ ժամանակում պատրաստել եւ հանդէս գալ այսպիսի բարձրամակարդակ կատարումով: Զարմանալ եւ հիանալ: Հիանալ, թէ՛ նման համերգ կազմակերպելու երեւոյթով, եւ թէ՛ բուն մասնագիտական առումներով: Դրանցից անհրաժեշտ է նշել այս երիտասարդների կատարողական բարձր մակարդակի հետեւեալ բաղադրիչները. երաժշտական հնչիւնների մաքուր արտաբերում, միասնական համանուագի (ensemble) վարպետութիւն, արդի եւրոպական աշխարհածանօթ ճազային երաժշտութեան որակեալ, բարձր մասնագիտական ինքնամշակում (improvvisazione)` ինչն ըստ էութեան բացառիկ երեւոյթ է, նաեւ արտայայտիչ զգացմունքային հարուստ մեկնաբանութիւն: Մասնագիտական այս բարձր յատկանիշները առկայ էին ողջ համերգի ընթացքում, իւրաքանչիւր կատարողի մօտ, իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան մէջ: Յիշատակման է արժանի նաեւ այն աչքագրաւ նրբութիւնը, որ երգերի կատարողները` Լիլիթ Աբրահամեանը, Լեդիսիա Հեքիմեանը, Գօգօ Սգայեանը օժտուած էին նաեւ որոշակի դերասանական ձիրքերով, եւ իրենց հոգեհաճոյ կատարումները (Լ. Աբրահամեան` «Լուսին», Լ. Հեքիմեան` «Լը պոէմը», «Գ. Սգայեան` «Պելլա չաօ» եւ այլն) հարստացրեցին նաեւ պատեհ դերասանական ելեւէջներով:

Գնահատանքի է արժանի այն փաստը, որ համերգին ներկայ էր Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը: Ասելով իր սրտի խօսքը, եւ արժեւորելով տաղանդաւոր երիտասարդների այս հիանալի ելոյթը, Վ. Խօշեան շնորհակալութիւն յայտնեց նրանց եւ իրաւացիօրէն շեշտեց, որ նման երեւոյթները անհրաժեշտաբար պէտք է քաջալերուեն եւ ունենան իրենց զարգացման շարունակական ընթացքը: Արդարացի եւ ճշմարտացի է քաղաքապետի խօսքը: Բացի այդ, անկեղծ լինելու համար ընդունենք, որ մեր իրականութեան մէջ առկայ է մեր ներկայիս երիտասարդ սերունդը յաճախակի, երբեմն չափից աւելի փնովելու, քննադատելու միտումը: Սակայն անհրաժեշտ է որպէս ազգային, ե՛ւ բարոյական, ե՛ւ մարդկային պարտաւորութիւն` տեսնել եւ գնահատել մեր այսօրուայ նաեւ տաղանդաւոր ստեղծագործասէր երիտասարդութիւնը եւ հնարաւորինս, այո՛, քաջալերել նրա կեանքի եւ գործունէութեան ուղին:

Մինչ նոր հանդիպո՜ւմ, մինչ նոր համերգնե՜ր…

Երեւան-Պէյրութ

Ընկերային Ապահովագրութիւնը Պետութեան Պարտականութիւնն Է

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Եւրոպան կ՛ապրէր սովի եւ լայնածաւալ աղքատութեան մէջ: Հետեւաբար ծագեցաւ այն գաղափարը (եւ անմիջապէս դարձաւ հրամայական պահանջ), որ պէտք էր ապահովել բնակչութեան ընկերային բարեկեցութիւնը: Տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններ որդեգրեցին տարբեր միջոցներ` հասնելու համար բնակչութեան լիակատար բարեկեցութեան:

Եւրոպայի մէջ երկու գլխաւոր հոսանքներն էին ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը եւ պահպանողականութիւնը: Առաջինները որդեգրեցին պետութեան միջամտութեան ուղին, ուր պետութիւնը յառաջատուական հարկեր (այն հարկային համակարգը, երբ հարկերը կը սահմանուին հարստութեան հիման վրայ, այսինքն` ան, որ շատ եկամուտ կը ստանայ, աւելի շատ կը վճարէ եւ` հակառակը) պարտադրեց մեծ ընկերութիւններու, դրամատուներու եւ մեծահարուստներու եկամուտներուն վրան եւ զանոնք արդարօրէն վերաբաշխեց` յօգուտ հասարակութեան բոլոր անդամներուն: Վերաբաշխումը առիթ ընծայեց պետական ներդրումներ կատարելու կրթական, առողջապահական, աշխատավարձի, թոշակի, ընկերային եւ հանրային ծառայողական մարզերուն մէջ: Այսպիսով, պետական հսկողութիւն որդեգրած երկիրները կրցան դուրս գալ աղքատութենէն եւ սովէն` զօրաւոր ընկերային ապահովագրութեամբ եւ բարեկեցութեամբ: Բարեկեցութեան այս տարբերակը կիրարկած գլխաւոր երկիրներն էին` Շուէտը, Դանիան, Նորվեկիան եւ Ֆինլանտան:

Միւս կողմէ` պահպանողականները փորձեցին իրենց կրցածին չափ հեռու պահել պետական միջամտութիւնը տնտեսական կեանքէն: Անոնք մեծ ընկերութիւնները, դրամատուները եւ մեծահարուստները հարկային յաւելեալ բեռի տակ դնելու փոխարէն` ամբողջ բեռի տակ դրին աշխատաւոր ժողովուրդը: Պահպանողականները ծնունդ տուին, այսպէս կոչուած, «ընկերային պատասխանատուութեամբ գործող մեծ ընկերութիւններ»-ուն, որոնք պետութեան փոխարէն` իրենք ստանձնեցին ընկերային ապահովագրութեան դերակատարութիւնը:

Նշեալ տարբերակը կիրարկող երկիրներն էին` Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Լատին Ամերիկայի մէջ գտնուող բոլոր պետութիւնները, որոնք կը գտնուէին պահպանողական կառավարման կամ ռազմապաշտական խունթաներու տիրապետութեան տակ: «Ընկերային պատասխանատուութեամբ գործող մեծ ընկերութիւններ»-ու տարբերակը կիրարկած բոլոր երկիրները կ՛ապրէին անկայուն ընկերային-տնտեսական վիճակի մէջ` դասակարգային բարձր անհաւասարութեամբ եւ ընկերային ապահովագրական ցած չափանիշներով: Այդ տարբերակը կիրարկող գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ 1968-ին տեղի ունեցան մեծ ցոյցեր` մերժելով ընկերային-տնտեսական համակարգը, իսկ այլուր (յատկապէս` Լատին Ամերիկայի մէջ)` յեղափոխութիւններ:

20 յունիս 2018-ին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը ուժի մէջ մտցուց պարտադիր կուտակայինի օրինագիծը: Օրինագիծ մը, որ ձախողութիւններ* գտած է միջազգային գետնի վրայ: Հայաստանի նման ընկերային-տնտեսական ծանր մարտահրաւէրներ դիմագրաւող եւ մանաւանդ ցած ազգային եկամուտ ունեցող երկրի մը համար անիրականանալի է այս օրինագիծը, մանաւանդ որ այդտեղ աշխատաւորի աշխատավարձը հազիւ կը բաւէ իր օրապահիկը ապահովելու համար: Աշխատավարձէն մասը մը կուտակել` կը նշանակէ աղքատ եւ ոչ արժանապատիւ կեանք ապրիլ: Կը նշանակէ նաեւ` պետութեան ձեռքէն վերցնել ընկերային ապահովագրութիւն տրամադրելու իրաւունքը եւ զայն յանձնել աշխատատէրերուն, ընկերութիւններուն եւ դրամատուներուն:

Կը նշանակէ` աշխատաւորին մօտ անվստահութեան  սերմանում պետութեան նկատմամբ: Ի վերջոյ, կը նշանակէ նաեւ` հրաժարիլ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան թիւ 83 յօդուածէն, որ կ՛ըսէ. «Իւրաքանչիւր ոք, օրէնքին համապատասխան, ունի մայրութեան, բազմազաւակութեան, հիւանդութեան, հաշմանդամութեան, աշխատավայրին մէջ դժբախտ պատահարներու, խնամքի կարիք ունենալու, կերակրողը կորսնցնելու, ծերութեան, գործազրկութեան, աշխատանքը կորսնցնելու եւ այլ դէպքերու ընթացքին ընկերային ապահովութեան իրաւունք»:

Բոլոր կուսակցութիւններուն մէջ միայն ՀՅԴ-ն էր, որ ձեռնպահ քուէարկեց կուտակային համակարգի պարտադիր բաղադրիչը ուժի մէջ մտցնող նախագիծին` հիմնուելով իր ընկերվարական գաղափարախօսութեան վրայ, որ կը միտի ընկերային արդարութիւն եւ համերաշխութիւն հաստատել:

Այսօր հրամայական մերժել նոր-ազատականութեան փորձերու կիրարկումը Հայաստանի մէջ, եւ ատիկա կրնայ միայն ու միայն իրականացնել խորհրդարանին մէջ գործող ընկերվարական գաղափարախօսութիւն կրող ուժը, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնն է:

 

*http://www.maroukhianfoundation.org/am/wp-content/uploads/2018/06/HMF-ARF-Analysis-5-final-20180622.pdf

Հայաստան. «Թաւշեայ Յեղափոխութենէն» Ետք Դէպի Ո՞ւր –Գ.

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Շրջանային Եւ Միջազգային
Բեմահարթակին Դիմաց

Հայաստանի իշխանութեան, ու անոր հետ` ժողովուրդին դիմագրաւած ճատրակի խաղերուն մէկ տարածքն ալ շրջանային ու միջազգային բեմահարթակն է, շատ տարածուն բեմ մը, որ ունի միակեդրոն ու բազմակեդրոն օղակներու խառն ու բարդ պատկեր մը: Անոր մէջ, ու` ազդեցութեան տակ, գործած են նախորդ իշխանութիւնները, այդ ոլորտներէն չեն կրնար ձերբազատիլ նորերը, մինչեւ իսկ եթէ այդպէս ուզեն միայն ու միայն բարի դիտաւորութիւններով: Եւ այս վիճակը կը բերէ բազմապիսի մտահոգութիւններ, որոնք չեն համակեր միայն իշխանաւորը, այլ անոր մէջ են երկրի բոլոր ուժերն ու սփիւռքեան տարածքները:

Աստղաբաշխ կամ գիտնական ըլլալու պէտք չկայ տեսնելու համար, թէ Հայաստան, հակառակ իր կամքին ու բարի տրամադրութիւններուն (այլ երկիրներու եւ աշխարհագրական գօտիներու նման), կը գտնուի ուղղակի եւ անուղղակի մրցակցութեանց այնպիսի օղակներու մէջ, որոնք երբեմն կը դառնան նոյն առանցքին շուրջ կամ կը խաչաձեւեն զիրար: Անմիջական օղակը կազմուած է դրացիներով` Վրաստան, Թուրքիա, Իրան եւ Ազրպէյճան: Անոնց շուրջ կը տարածուին շրջանային համաձայնութիւններու եւ դաշնակցութիւններու ընդհանրապէս զիրար խաչաձեւող օղակները` հասնելու համար մինչեւ այս բոլորը գերտնօրինող` Արեւելք-Արեւմուտք յարաբերութեանց, որոնք աւանդական թշնամութեան-մրցակցութիւններու կամ նոր տարազներով ի յայտ եկող բարեկամութիւններու եւ հակադրութիւններու իրերայաջորդ ալիքներ կը տարածեն ամէն օր, ամէն տեղ, ներառեալ` Կովկասի մէջ: Ծայրագոյն արեւելքէն մինչեւ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելք, Եւրոպա ու Ամերիկաները պարփակող իրադարձութիւնները, հեռուէն կամ մօտէն, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով իրենց ազդեցութիւնները կ՛ունենան նա՛եւ մեր հայրենիքին վրայ` գլխապտոյտ պատճառելով բոլորիս: Իշխանութիւնը, սակայն, գլխաւոր կողմն է, որ պէտք է նուազագոյնը ազդուի նման գլխապտոյտներէ եւ փոթորկող ալիքներէ, որպէսզի մեր նաւը յառաջ ընթանայ նուազագոյն ցնցումներով: Նոյնքան կարեւոր է, որ իշխանութիւնը չիյնայ արտաքին այս կամ այն ուժին միայնակ ազդեցութեան տակ` ճամբայ հանելու համար «նոր Հայաստանի նոր յարաբերութիւնները»: Անցեալէն եկող շատ բան անհաճոյ է, անհանդուրժելի, սակայն ռազմաքաղաքական իրապաշտութիւնը լուսանցքայնացուելիք ապրանք չէ…

Իբրեւ բացայայտ օրինակներ, ու` թուումի կարգով, արձանագրենք Թուրքիոյ մէջ վերաձեւաւորուող (չըսելու համար` հինը կրկնող) իշխանութեան ու Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները, որոնցմէ որեւէ ատեն բարիք չէ բխած մեզի համար: Ազրպէյճանի սպառազինութիւնը մօտալուտ կամ հեռաւոր վտանգներուն ամէնէն բացայայտ երեսն է, ծփացող սառցալերան երեւցող բաժինը: Ազրպէյճանը սպառազինողները բնականաբար կը մեկնին իրենց նիւթական շահերէն, որոնց վրայ ազդելու միջոցները սակաւաթիւ են, երբեմն կը թուին… անկարելի առաքելութիւն: Զուգահեռ գիծի վրայ` Թուրքիա-Ռուսիա վերազարթնող բարեկամութեան երեւոյթն է, որուն զուգահեռ` Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ սառցահալ իրագործելու նախանշանները: Եթէ այս բոլորը դրական անդրադարձ պիտի ունենան Հայաստանի վրայ, որ աւանդական մէկ դաշնակիցն է Ռուսիոյ, սա մտածելու տեղ կը ձգէ, սակայն չ՛արտօներ մոռնալ նման մերձեցումներու պատմական փորձառութեանց դառն յիշատակները…

Այլ գիծերու վրայ, Թուրքիոյ ու Իրանի հանդէպ Միացեալ Նահանգներու ճնշումի քայլերը, տարբեր նկատառումներով, անպայման որ կրնան անդրադարձ ունենալ Հայաստանի վրայ, բացասական` Իրանի գիծին վրայ, անյոյս վիճակ` Թուրքիոյ ուղղութեամբ, թէեւ հոս մեզի համար կայ դիւանագիտական շահարկումի լայն հնարաւորութիւն: Օղակները աւելի ընդարձակելով` նկատի ունենանք նաեւ Միջին Արեւելքը` Սուրիա, Իրաք, Լիբանան, Պաղեստին եւ մինչեւ Ծոցի շրջան,  եւ Ծայրագոյն արեւելքը` Չինաստան-Արեւմուտք, Ուաշինկթըն-Փիոնկեանկ եւ այլ գիծերու վրայ զարգացումները: Գաղտնիք չէ, որ բացասական ընթացք մը մէկ օրէն միւսը կը վերածուի դրականի եւ յոյսի ներշնչարանի, իսկ յաջորդ օրը յոյսերը կացինի նոր հարուածներ կը ստանան այս կամ գերհզօրի երեւութապէս կամայական քայլերուն պատճառով…

Նման կացութեան մէջ երկիր կառավարելը, մանաւանդ յոյսեր բարձրացնող նոր իշխանութիւն ձեւաւորելը դիւրին բան չէ, չի կրնար գնահատականներ կամ դատումներ ստանալ… սալոնային քննարկումներով ու մեկնաբանութիւններով: Մեր ակնարկութիւնը չի վերաբերիր միայն ոչ պաշտօնական մամուլին` դիմատետրեան ու նման ոլորտներու մէջ երեւցող կարծիքներու եւ մեկնաբանութիւններու, այլ նաեւ` այն «հեղեղ»-ին, որ վերջին ամիսներուն ողողած է Հայաստանի լսատեսողական մամուլը` ասուլիսներով, տեղին ու անտեղի, հիմնաւորեալ, բայց յաճախ` անհիմն, մեկուսի հաշիւներէ մեկնող մեկնաբանութիւններով, այս կամ այն կուսակցութեան ուղղուած խրատներով, քողարկուած ոտնձգութիւններով, որոնց դիմաց իշխանութիւնը որդեգրած է կրաւորական եւ «կարծիքի ազատութիւն յարգելու» ընթացք: Տակաւին, խօսքի ազատութիւն, կարծիքի իրաւունք եւ նման արդար ու ազնիւ սկզբունքներու վրայ հիմնուելով, ծանօթ, նուազ ծանօթ եւ «յայտնագործուած» դէմքեր հրապարակ կու գան Հայաստանի քաղաքական մեծ գիծերը վերատեսութեան ենթարկելու, հիմնական փոփոխութիւններու ենթարկելու եւ մեծ ուժերու դէմ ելլելու բացայայտ կամ քողարկուած կոչերով (կարգ մը կարծիքներ` իսկապէս յարգելի), բնականաբար ազդեցութիւն ունենալով հանրային կարծիքին վրայ, որ արդէն իսկ ունի իր կանխորոշ կազմաւորումներն ու նախապաշարումները: Իշխանութիւնը, իր կարգին, հրապարակ կու գայ, օրինակի համար, Միացեալ Նահանգներու հետ նոր էջ բանալու, Ռուսիոյ հետ բարեկամական կապերն ու գործակցութիւնը նոր մակարդակի հասցնելու, տակաւին` Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմանի բանակցելու, Ազրպէյճանի հետ թշնամական վիճակը բարեշրջող նոր տրամադրութիւններու արտայայտութիւններով, որոնց դիմաց Անգարայէն ու Պաքուէն կը հնչեն չհինցող կեցուածքներն ու անհիմն պահանջները:

Իրական պատկերը երբեմն կ՛աղօտի. կարծէք թէ կը մոռցուի, որ, օրինակի համար, Հայաստան Ռուսիոյ հետ ունի զինակցական-գործակցական այնպիսի կապեր, որոնց համաձայն, յաճախ տեղի կ՛ունենան միացեալ զինավարժութիւններ, Հայաստանի մէջ կան ռուսական զօրքեր, սահմանին անդին նստած են ՆԱԹՕ-ի զէնքերը (հոգ չէ թէ Թուրքիա «թշնամութիւն կը խաղայ» Միացեալ Նահանգներու հետ),  Իրանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ մինչեւ Միջերկրականի ափերը տարածուող հակադրութիւնները տարբեր հրահրումներ կը գտնեն Արեւելքէն ու Արեւմուտքէն (Եմէնը բաւական հեռո՞ւ պէտք է նկատել…):

Այս ընդհանուր պատկերին մէջ է, որ Հայաստան պիտի շարունակէ իր նաւարկումներն ու մանաւանդ… խուսանաւումները: Արտաքին յարաբերութեանց ու դիւանագիտական գործի դաշտերուն մէջ անպայման որ Արցախի հարցը առաջին խորագիրը կը կազմէ, սակայն նուազ կարեւոր չեն Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի հակահայ բազմապիսի ոտնձգութիւնները, հին պարտամուրհակներէն խուսափելու եւ զանոնք մոռացութեան մատնելու ճիգերը, ծուղակներ, որոնց մէջ իյնալէ խուսափումը աւելի քան հրամայական է: Կարելի չէ մտածել մեռած փրոթոգոլներուն տարբերակներուն մասին, լուսանցքի վրայ պահել Գետաշէն-Շահումեանի նման հողատարածքներու մեր արդար պահանջները, կամ` որդեգրել այն «մտայնութիւնը», որ Ցեղասպանութեան հետապնդումը այժմէական չէ, զայն պէտք է պահել մարդու իրաւունքներու կենսագործման միջազգային հասկացողութիւններու ծիրին մէջ եւ ուղղակի նախաձեռնութիւններու չդիմել` Թուրքիան կամ անոր երէկի ու այսօրուան բարեկամները չվրդովելու նպատակով: Նախորդ իշխանութիւնները յաճախ «ամչկոտ», երբեմն ալ բաւական յանդուգն քայլերու դիմեցին ընդդէմ Ազրպէյճանի. օրինակի համար, ապրիլեան պատերազմի օրերուն Եւրոպայի եւ այլ ազդու շրջանակներու մէջ որոշ քայլեր առնուեցան, եւրոպացի պաշտօնատարներու եւ Ազրպէյճանի միջեւ շահակցական կապերու բացայայտումը աշխատանքի ու յարաբերական քայլերու այլ ոլորտ մը ընծայեց: Այդ բոլորը, սակայն, մեզ պահեցին ՀԱԿԱԶԴՈՂի, ԱՐՁԱԳԱՆԳՈՂի դիրքի վրայ, հազուադէպ եղան, եւ ընդհանրապէս քիչ ազդու` ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՂի մեր դերակատարութիւնը (Ուաշինկթընի մէջ Էրտողանի թիկնապահներուն հրապարակային ոճիրին դէմ բողոքի ալիքը հպանցիկ կերպով ներգրաւեց Հայաստանի դիւանագիտութիւնը, իսկ ոճրագործներուն հանդէպ զիջողական որոշումը մնաց գրեթէ անարձագանգ):

Ահա թէ ո՛ւր թաղուած են Հայաստանի երէկի ու այսօրուան-վաղուան իշխանութիւններուն դիմաց տարածուող դաշտերուն ականները, որոնք իսկական մարտահրաւէրներ են ո՛չ միայն իշխանութեանց, այլ աշխարհատարած մեր ժողովուրդին համար: Հայաստանի իշխանութեան որդեգրելիք կեցուածքները անխուսափելիօրէն ուղեցոյց պիտի ծառայեն յառաջիկայ աշխատանքներուն: Դժուարին երկընտրանքներ եղած են ու միշտ պիտի ըլլան, սակայն բոլոր պարագաներուն, մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին գերագոյն շահերն են, որ իբրեւ ուղեցոյց փարոս` պիտի առաջնորդեն մեզ: Սա մեր իրաւունքն է, այդպէս կ՛ընեն պայքարող ժողովուրդները:

Կարելի է, տակաւին, արտաքին ազդեցութիւններու եւ գործակցութեան դաշտերու մէջ դիտել այն ներդրումներն ու գործառնութիւնները, որոնք ունին տասնամեակներու վաղեմութիւն. նկատի ունինք Հայաստանի բնական հարստութեանց շահարկումը` օտար ընկերութիւններու կողմէ, գործատուներու օտարներու «վաճառք»-ն ու «խառն սեփականատիրութիւն»-ը, որուն պատճառով, ապահովուած շահերուն մեծ մասը կը հոսի երկրէն դուրս. այս իրականութեան գիտակցումով է, որ նոր իշխանութենէն կը սպասուի ներդրողներուն հետ աւելի հաւասարակշռուած գործակցութեան տարազներ որդեգրել, ի հարկին վերատեսութեան ենթարկել նախկին պայմանագիրները` միշտ ի մտի ունենալով, որ դիւանագիտութիւնը կարելիին ուղին է եւ իր բաժինը ունի միջպետական գործակցութեանց եւ օտար ընկերութեանց-ներդրողներու հետ յարաբերութեանց ոլորտին մէջ (տնտեսութեան որոշ ոլորտներ պետական ազդու հակակշիռի տակ բերելը ընտրանք մըն է եւ պէտք չէ դիտուի բացասական մօտեցումով): Հետեւաբար պատասխանի սպասող հարցականներ են, թէ իշխանութիւնը մինչեւ ո՞ւր պիտի երկարէ իր ձեռքերը` մենաշնորհներուն վերջ տալու կամ զանոնք տրամաբանական հակակշիռի ենթարկելու դիտանկիւնէն, կամ` յետանկախութեան տասնամեակներուն գործուած անարդարութիւններուն, չարաշահումներուն եւ կամայականութեանց հեղինակներուն հետապնդումը, զանոնք արդարութեան սեղանին բերելը պիտի ըլլա՞յ լիակատար, թէ՞ որոշ հաշիւներով ու հին-նոր կապերու պատճառով` «ընտրովի»: Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, նոր իշխանութիւնը իր ձեռքերը պիտի երկարէ՞ մինչեւ հոն, որ վար առնուին կամ իրենց իսկական չափին մէջ դրուին կարգ մը ուռճացուած-փքուած պատուանդաններ, մինչեւ իսկ քողարկեալ ոճրային արարքներ գործած հերոսներ…

Ճատրակի խաղին արտաքին հարթակին վրայ տեղի ունեցող ու նախատեսուած իրադարձութիւնները բնականաբար ամբողջական պատկերով չներկայացան այս սիւնակին մէջ, սակայն յիշատակուածները առիթ կու տան լայնածիր հետեւութիւններ հանելու` առանց մոռնալու, որ միջազգային քաղաքական դաշտը յարափոփոխ է էապէս, թէեւ հոն միշտ ալ կան անփոփոխ գիծեր, հոգ չէ թէ կը դրսեւորուին նոր տարազումներով… Դիմագրաւումը կը կարօտի ազգի բոլոր ուժերուն ու ձեռքերուն լիարժէք գործակցութեան:

Իսկ թէ բարեշրջական քայլերուն իսկական հիմերը ո՞ւր պէտք է փնտռենք, քննարկելի առանձին նիւթ է. անոնց կ՛անդրադառնանք առանձին:

1-12 Օգոստոս 2018

Տեսակէտ. Մենք, Աշխարհաքաղաքականութիւնը Եւ Քաղաքական-Գաղափարական Սնանկութիւնը

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Վերջերս Դիմատետրի վրայ կատարուած գրառումները կարդալով, բարեկամներու հետ արծարծելով ներհայկական եւ Հայաստանի քաղաքական խնդիրները` հետեւեալ որոշակի եզրակացութեան յանգեցայ: Մենք` հայերս, այսօր կ՛ապրինք քաղաքական-գաղափարական անորոշութեան մէջ, չենք կրնար տարբերութիւն դնել ճիշդին եւ սխալին միջեւ, յստակ ծրագիր մը չկայ, այլ կայ սնանկութիւն մը, որ մեզ պարապութեան առջեւ կը դնէ: Այս պարապութիւնը կը լեցուի, սակայն, այնպիսի կարգախօսներով, տափակ մտածելակերպով եւ դաւադրական տեսութիւններով, որոնց պատճառով մարդ արարածը իր ամբողջ ուժը կը սպառէ, բայց չի գիտեր` ո՞ւր, ինչո՞ւ եւ վասն ինչի՞:

Օրինակ` ի՞նչ է ազգայնականութիւնը, եւ ո՞ւր են կարմիր գիծերը ազգայնականութեան եւ ազգայնամոլութեան միջեւ: Նժդեհեան գաղափարախօսութիւնը ի՞նչ է: Հայրենասիրութի՞ւն, լա՛ւ, ինչո՞ւ ոչ` ազգայնականութիւն… Այս բոլորը մտածելը արդիւնաւէտ է, սակայն պատասխան չկայ: Փիլիսոփայութեան մէջ գրեթէ պատասխաններ չկան, մարդ արարածը ինք կը պատասխանէ այս բոլոր հարցումներուն: Մարդն է, որ կը ձեւաւորէ քաղաքականութիւնը, կը հիմնէ կազմակերպութիւն, կը գրէ գաղափարախօսութիւնը կամ կը հիմնէ զայն: Սակայն մարդը կրնայ ըլլալ գաղափարապաշտ կամ իրապաշտ:

Այս բոլորը կ՛ըսեմ, որովհետեւ կը խոստովանիմ, թէ ինչպէ՛ս բազմաթիւ երիտասարդներ եւ ուսանողներ սկսած ենք հարցադրումներ կատարել մեր անցեալին, ներկային, ապագային եւ մենք մեր մասին: Գաղափարապա՞շտ, թէ՞ իրապաշտ: Մեր պատմութեան գիրքերուն մէջ միշտ ալ հանդիպած ենք իտէալներու եւ գաղափարապաշտ անձերու, հերոսներու, որոնք իրենց կեանքը եւ ընտանիքը անտեսած` կատարեցին այն, ինչ որ այսօր շատերուն կարգախօսը դարձաւ: ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ. բառ մը, որուն մասին դիւրին է  գրել, կարդալ կամ ժամերով ճառեր խօսիլ, սակայն երբ հարցը գործնականի գայ, պահ մը երեւակայէ` ընտանիքդ, մօրդ արցունքը, հօրդ վիշտը եւ բարեկամուհիիդ կամ կնոջդ տանջանքը: Սակայն հայրենիքի սէրը այս հերոսներուն համար գերազանցեց այս բոլոր վիշտերը: Պատմութեան դասերէն քաղելով` կրնանք հաստատել, որ գաղափարապաշտութիւնը չէ, որ յաղթանակներ պահպանած է: Ռազմական գործողութիւններէ ետք կարգը կու գայ դիւանագիտութեան, եւ հոս է խելացութիւնը: Հոս բազուկներու պէտք չունիս, այլ` խորամանկ, հանդարտ եւ հեռատես քաղաքականութեան: Ինչպէս տեսանք, զինեալ պայքարին յաջորդեց դիւանագիտական պայքարը: Պարզ օրինակ. 1921-ին Հայաստանի խորհրդայնացումը Դաշնակցութեան համար իրապա՞շտ, թէ՞ գաղափարապաշտ քայլ մըն էր: Ծանր որոշում մըն էր. այն ժամանակ Դիմատետր չկար, որ կարդայինք, թէ ժողովուրդը կամ ուրիշներ ի՛նչ պիտի գրէին, սակայն կրնանք որոշ եզրակացութիւններու յանգիլ: Դժուար որոշումները կը պահանջեն ծանր զոհողութիւններ, որոնք կը շեղեն մեզ գաղափարապաշտութենէն կամ իտէալականութենէն, եւ ահա հոս է իրապաշտութիւնը: Ուր ազգային շահը կը գերադասէ գաղափարաբանութիւնը:

Վերջին քանի մը տարիներուն նկատեցի, որ լիբանանահայ գաղութիւն մէջ ունինք որոշ խաւ մը ուսանողներ, որոնք մասնագիտացած են քաղաքագիտութեան կամ միջազգային յարաբերութիւններու ասպարէզին մէջ, սակայն այս նոյն խաւը ինքզինք կը զգայ մեկուսացած եւ կը հաւատայ, որ իր կարծիքը եւ ձայնը հասանելի պիտի չդառնան, պարզապէս որովհետեւ «ղեկավարները թոյլ չեն տար»: Եւ ահա հոս է, որ պարապութեան մէջ կ՛ապրինք. չեմ ուզեր ոեւէ մէկը յանցաւոր նկատել, սակայն ես ինծի հարց կու տամ, թէ այսօր քանի՞ երիտասարդ ուսանող ունինք, որոնք անձնական ներդրում կը կատարեն Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ, ո՞ւր են մեր ուսանողները, մեր` «Դիմատետրի մտաւորականները»: Հաւանաբար օրը պիտի գայ, որ այդ պարապութիւնը պիտի զգանք եւ զղջանք, սակայն ուշ պիտի ըլլայ: Բայց ինչո՞ւ կը շեշտեմ այս կէտին վրայ:

Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները հսկայ ճեղք մը ստեղծեցին հայ երիտասարդութեան մէջ, այդ երիտասարդներէն շատեր մինչեւ օրս անորոշութեան մէջ են, եւ բնական է, որ յեղափոխութենէ մը ետք այս բոլորը ըլլան: Ա՛լ աւելի մտահոգիչը այն է, որ երկխօսութիւն գրեթէ գոյութիւն չունի, եւ վտանգաւոր է որակել որեւէ քայլ` իբրեւ «հակայեղափոխական կամ յեղափոխականամէտ»: Այսօրուան միջազգային յարաբերութիւնները չեն հիմնուած կարգախօսներու, ո՛չ ալ գաղափարաբանութիւններու վրայ, այլ` աշխարհաքաղաքական հաշիւներու վրայ: Ճիշդ հոս է մտահոգիչը, որ շատ քիչեր Հայաստանի կամ որեւէ քաղաքական դէպք կը դիտարկեն աշխարհաքաղաքական դիտանկիւնէ: Անշուշտ հոս ըսել չեմ ուզեր, որ աշխարհաքաղաքական հաշիւները պէտք է գերադասուին մարդկային իրաւունքներէն եւ ընկերային ու տնտեսական հարցերէն: Վերջին տասնամեակին Հայաստանի մէջ անվտանգութեան եւ ազգային շահերու կարգախօսի ետին պահուըտած «քաղաքական ահաբեկչութիւն» պատահեցաւ: Եւ այդ «ահաբեկչութեան» հունձքերը այսօր մենք կը քաղենք ապազգային երեւոյթներուն ընդմէջէն: Վրդոված երիտասարդը, փոխանակ քննադատելու այս կամ այն կուսակցութիւնը կամ ղեկավարը, սկսած է հարցականի տակ առնել եւ անտեսել հսկայ պատմութիւն մը, ազգի մը պայքարը: Հոս է մեր դերը, փոխանակ ընդվզելու եւ հոս ու հոն «դաւաճանութեան» պիտակներ փակցնելու` մեր աշխատանքը պէտք է ըլլայ սեղանի մը շուրջ նստիլ ու մտածել ապագայ ծրագիրներու մասին եւ տարածել հանդուրժողականութեան ոգին:

Վերջապէս, Դիմատետրի աշխարհէն դուրս ելլենք, գաղափարական սնանկութեան վերջ տանք եւ մտածենք հեռուն: Ա՛յս պէտք է ըլլայ այսօր մեր պարտականութիւնը` իբրեւ երիտասարդ ուսանողներ. ո՛չ կոյր ազգայնամոլներ կամ դաւադրապաշտներ, ո՛չ ալ անհանդուրժող ազատականներ ըլլանք: Այս երկու դիրքերը մեզ պիտի տանին անձնասպանութեան, եւ խօսքը այստեղ քաղաքական անձնասպանութեան մասին է:

Yeghia.tash@gmail.com

 


Տեսակէտ. Արջին Պատգամը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ռուսիոյ դաշնակցային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան մամլոյ ծառայութիւնը 17 օգոստոսին հաղորդեց, որ ռուս սահմանապահները 13 օգոստոսին ձերբակալած են Կինէի քաղաքացի մը, որ ապօրինաբար կտրած էր Թուրքիա-Հայաստան սահմանը: Ռուս սահմանապահները 25 յուլիսին ձերբակալած էին նոյն սահմանը ապօրինաբար կտրած 5 աֆղաններ, 3 օգոստոսին` Թուրքիոյ քաղաքացի մը, իսկ 8 օգոստոսին` պանկլատեշցի մը:

Շուրջ 5 օրը անգամ մը, Թուրքիա-Հայաստան սահմանի իրերայաջորդ խախտումներու եւ սահմանախախտերու ձերբակալութեան երեւոյթը կը ստեղծէ բազմաթիւ հարցականներ: Արդեօք այդ դէպքերը միշտ եղա՞ծ են. հաւանաբար: Իսկ ինչո՞ւ հիմա այդ մասին կը հաղորդուի: Պահ մը աչքէ անցընենք վերջին խախտումին եւ անոր մասին լուրի հրապարակման թուականները. դէպքը տեղի ունեցած է 13 օգոստոսին, իսկ ատոր լուրը հրապարակուեցաւ 4 օր ետք` 17 օգոստոսին` այն օրը, երբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր պաշտօնավարման 100-րդ օրուան առիթով հրաւիրած է ժողովրդային հաւաքի: 17 օգոստոսին նաեւ 15 զինուորներէ բաղկացած ազրպէյճանական խումբ մը փորձեց յարձակում գործել Արցախի բանակի մէկ դիրքին դէմ. նպատակը դիրքի գրաւումէն աւելին էր, ատիկա ազրպէյճանական պատգամ մըն էր, սակայն ո՛չ միայն ազրպէյճանական:

Թուրքիա-Հայաստան սահմանի խախտումներու մասին տեղեկատուութեան վերջերս արձանագրուող տարափն ու մասնաւորաբար Հայաստանի արեւմտեան սահմանին վրայ արձանագրուած դէպքին մասին լուրին 17 օգոստոսին հրապարակումն ու նոյն օրը արեւելեան սահմանին վրայ արձանագրուած յարձակումը զուգադիպութիւններ չեն, այլ հայկական կողմի պաշարուած ըլլալու իրողութեան ընդգծում մը եւ Հայաստանի անվտանգութեան համար Ռուսիոյ դերակատարութեան կարեւորութեան, տողատակի սպառնալիք պարունակող, յիշեցում մը:

Ռուսական արջը բնականաբար կոշտ ու կոպիտ է, եւ ունի ու միշտ ալ ունեցած է իր աշխարհաքաղաքական ու սեփական անվտանգութեան վերաբերող մտավախութիւնները: Եւ ճիշդ այդ վէրքն է, որ զայն կը դարձնէ խիստ վտանգաւոր: Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ այդ մտավախութիւնները հրահրող վարմունքն էր, որ գրգռեց արջին զայրոյթը եւ պատճառ դարձաւ մեր դէմ «Օղակ» գործողութեան շղթայազերծման, Հատրութի եւ Մարտակերտի գիւղերուն ու Շահումեանի կորուստին:

Պէտք է ճիշդ հասկնալ 17 օգոստոսի պատգամը, որ ի դէպ իր տեսակին մէջ առաջինը չէր: Պէտք կա՞յ յիշեցնելու յուլիսի սկիզբը ռուս երեսփոխաններու եւ փորձագէտներու Լելէ Թեփէ բարձունք այցելութիւնն ու այդ առիթով կատարուած յայտարարութիւնը: Պատգամին կրկնութիւնը կը վկայէ, թէ ռուսական կողմին մօտ Փաշինեանի խումբին նկատմամբ անվստահութիւնը ո՛չ միայն կը յամենայ, այլ նաեւ թերեւս առաւել արմատացած է շնորհիւ Վրաստանի նախկին վարչապետ Միխայիլ Սահակաշվիլիի այն յայտարարութիւններուն, թէ Փաշինեանը իր գործն է, որ կը կատարէ, եւ անոր յաջողութիւնը «մեր բոլորին յաջողութիւնն է»: Անոր կատարածը գովերգութի՞ւն էր, «արջի ծառայութի՞ւն», թէ՞ վատաբանութիւն: Եթէ վերջինն էր, ապա պէտք էր արժանանար կտրուկ ու հրապարակային հերքումի: Ի վերջոյ, պէտք չէ արջին համբերութիւնը փորձել` տեսնելու համար, թէ իր թաթը բարձրացնելէ առաջ քանի՛ անգամ կը զգուշացնէ:

 

 

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ժամանակաշրջանի Հայապահպանում

$
0
0

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Այսօրուան արդիականացած աշխարհին մէջ իբրեւ ազգ գոյատեւումը օրէ օր աւելի դժուար կը դառնայ: Դէպի արդիականացում համաշխարհային մղումը ժողովուրդներ կը հեռացնէ իրենց պատկանելիութենէն եւ արժանիքներէն… Իբրեւ հայութիւն` բնականաբար մենք եւս այդ ախտը կը դիմագրաւենք` կարծելով, որ ժամանակը մեր դէմ կ՛աշխատի, երբ արմատական լուծումի մը չենք հասած տակաւին:

Օր մը բարեկամս պատմեց հրեայի մը իր ուղղած հարցումին ստացած պատասխանին մասին, երբ ուզած էր գիտնալ իրենց գոյատեւման գաղտնիքը… Պատասխանը եղած էր կարճ ու կտրուկ. «Մենք մեր զաւակները կ՛ուղարկենք հրէական դպրոց եւ կը սորվեցնենք հրէական Թորան»: Այսօր մենք` հայերս, մեր զաւակները հայկական դպրոց ուղարկելով եւ հայկական միութիւններու անդամակցելու մղելով կը բաւարարուինք… թէկուզ շատեր հետաքրքրուած չեն եւ դժբախտաբար հայապահպանումը ժամանակավրէպ կը համարեն… Անոնք, որոնք գիտակցութիւնը ունին եւ հայապահպանման առաքելութեան անհրաժեշտութեան կարեւորութիւնը կը զգան ապագայ սերունդներու դաստիարակութեանը մէջ, անհրաժեշտութիւնը պէտք է զգան նաեւ Հայ առաքելական ազգային եկեղեցւոյ պատմութեան եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ անբաժան մասնիկը իրերայաջորդ սերունդներու դաստիարակման:

Քանի մը տարի առաջ, երբ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէի ընտանիքիս կողքին եւ կիրակի մը չկարողանալով ներկայ գտնուիլ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ս. պատարագին` փոխարէնը իրլանտական կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատարագին ներկայ գտնուեցանք եւ ականատես եղանք անհաւատալի երեւոյթի մը, երբ ամբողջ ընտանիքներ` ծնողներ փոքրեր եւ երիտասարդներ ներկայ էին պատարագին: Աւելի ուշ տեղեկացայ, որ այդ ձեւով իրլանտական սովորութիւնները կարելի եղած է պահել դարեր` եկեղեցւոյ միջոցով…

Հայ առաքելական եկեղեցին 1700 տարի շարունակ գլխաւոր դերակատար ազդակներէն մէկը եղած է հայապահպանման եւ հոգեւոր սնունդի փոխանցման` համայն հայութեան… Այսօր ամէն հայ,  ըլլայ աշխարհիկ կամ կղերական, պատասխանատու է եւ պարտականութիւնը ունի եկեղեցին ժողովուրդին մօտեցնելու, նոյնպէս պարտականութիւն ունին ծնողները, որոնք պէտք չէ բաւարարուին միայն դաստիարակելով, այլ տիպար օրինակ դառնալով` աւելի ազդու ըլլան իրենց զաւակներուն կեանքին մէջ… Անոնք պարտին ներկայութիւն ըլլալ Հայ եկեղեցւոյ մէջ` միշտ յիշելով, որ հայոց լեզուն, պատմութիւնը եւ ազգային եկեղեցին անբաժանելի ազդակներն են հայապահպանման առաքելութեան` ներկայի եւ ապագայի ժամանակաշրջանի ամէն տեսակի մարտահրաւէրներուն դէմ, եւ անոնք պայքարող հզօրագոյն միասնական զէնքերը կը կազմեն…

 

 

Տնտեսութեան Ներուժը Պէտք Է Ունենայ Երկրի Համեմատական Առաւելութիւնների Ամրապնդման Եւ Նորարական Լուծումներով Ընդլայնման Կայուն Հիմքեր

$
0
0

ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւնների գրասենեակի ծրագրերի համակարգող Թադեւոս Աւետիսեանի խօսքը` «ՀՅԴ սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթների» նախագծի շնորհահանդէսի ժամանակ:

Սիրելի՛ ընկերներ,
Յարգելի՛ ներկաներ,

Պատիւ ունեմ ներկայացնելու ՀՅԴ սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթների նախագիծը:

Նախագիծը բովանդակում է`

– Հայաստանի անկախացումից ի վեր վարուող նեօլիպերալ տնտեսական քաղաքականութեան հիմնախնդիրները, մարտահրաւէրները,
– Երկրի սոցիալ-տնտեսական զարգացմանը վերաբերող ՀՅԴ հիմնարար մօտեցումները, սկզբունքներն ու հաւաքական լուծումները:

Մասնաւորապէս վեր են հանուել տնտեսական հետեւեալ հիմնախնդիրները.

– Պետական սեփականութեան առաւելագոյն մասնաւորեցում եւ կրճատում,
–  Տնտեսութեան ուղղակի կարգաւորումից դէպի անուղղակի մեթոտների գործադրում,
– Ազգային արժոյթի դրամական զանգուածի սահմանափակման սկզբունքի արմատաւորում,
–  Արտաքին առեւտրային հովանաւորչական գործիքների կրճատում,
–  Տարածքային համաչափ զարգացման ոչ բաւարար գործիքակազմ,
– Սոցիալական նուազագոյն երաշխիքների ապահովման ոչ բաւարար արդիւնքներ:

Աշխատաշուկայի պետական կարգաւորման անհամարժէքութիւն
Սոցիալ-տնտեսական մարտահրաւէրները առանձնացուած են երեք հիմնական ուղղութիւններով`

1.- Նեօլիպերալ մաքրոտնտեսական քաղաքականութիւն`

պետութեան մասնակցային, խթանիչ եւ կարգաւորիչ դերի նուազում,

2.- Աշխարհաքաղաքական`

շրջափակում, դէպի ծով ելքի բացակայութիւն, պատերազմի սպառնալիք ու ռիսք,

3.- Միքրոտնտեսական`

ձեռնարկութիւնների տնտեսական արդիւնաւէտութեան եւ մրցունակութեան, սահմանափակ մրցակցութեան խնդիրներ:

Որպէս սոցիալական` պետութիւնը պէտք է լիարժէք ստանձնի իր քաղաքացու սոցիալ-տնտեսական բարեկեցութեան եւ կեանքի որակի առաջանցիկ աճի ապահովման առանցքային դերը:

Դաշնակցութիւնը այս հիմնարար նպատակի իրացման հիմքում դնում է հետեւեալ արժէքները` ազատութիւն, արդարութիւն, համերաշխութիւն: Այսպէս, իրական ազատութեան կարելի է հասնել, եթէ ապահովուած են տնտեսական նախադրեալներն ու հաւասար հնարաւորութիւնները, մարդն ունի սոցիալական երաշխիքներ, որոնք ապահովում են նրա ազատ կամարտայայտութիւնը:

Արդարութիւնը պահանջում է տնտեսական արդիւնքի արդար բաշխում եւ վերաբաշխում: Սակայն այն չի ենթադրում խորհրդային բացարձակ «հաւասարութիւն»: Չի հակասում նաեւ աշխատանքն` ըստ քանակի ու որակի վարձատրելու շուկայական սկզբունքին: Արդարութիւնը սոցիալական պետութեան հիմքն է եւ երաշխաւորում է հասարակութեան համերաշխութիւնը:

Իսկ համերաշխութիւնը լոկ բարեգործութիւն չէ, այն գոյատեւման եւ ազգի տեսլականին հասնելու գրաւականն է, կեանքի որակի եւ կայուն զարգացման ապահովման նախապայմանը:

Կարգաւորուող շուկայական տնտեսութեամբ, սոցիալական ու ժողովրդավարական երկիր ունենալու Դաշնակցութեան հայեցակարգի հիմքում ընկած են 3 հիմնական սկզբունքներ`

– Առաջանցիկ տնտեսական աճ,
– Սոցիալական ներառականութիւն եւ արդարութիւն,
–  Կայուն զարգացում:

Յաջորդիւ կը ներկայացուեն այս սկզբունքների ներքոյ առաջարկուող հաւաքական լուծումները:

1.- Տնտեսութիւնը պէտք է զարգանայ ոչ թէ շուկայական, տարերային կերպով, այլ պէտք է զուգորդուի պետական անհրաժեշտ կարգաւորմամբ ու նպատակային մասնակցութեամբ.

շուկայի դասական «անտեսանելի ձեռքի» ուժը պէտք է լիարժէք լրացուի «պետութեան տեսանելի ձեռքի» ուժով:

Տնտեսութեան ներուժը պէտք է ունենայ երկրի համեմատական առաւելութիւնների ամրապնդման եւ նորարարական լուծումներով ընդլայնման կայուն հիմքեր:

Իսկ սոցիալական ներառականութեան եւ կեանքի որակի տեսանելի փոփոխութեան համար անհրաժեշտ է տնտեսութեան առաւելագոյն ներուժին ձգտող կայուն տնտեսական աճ:

Հարկային քաղաքականութեան հիմքում պէտք է դրուի «Շատից շատ, քչից քիչ» սկզբունքը: Այսինքն հանրային բարեկեցութիւնից առաւել մեծ բաժին ստացողը դրա դիմաց պէտք է յարաբերականօրէն աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնի հասարակութեան առաջ:

Մրցակցային զարգացման միջավայրի ձեւաւորումը իր հերթին պահանջում է` մեծացնել տուգանքները գերիշխող դիրքի չարաշահումների համար, նախատեսել հակամրցակցային գործողութեան վնասի փոխհատուցման մեքանիզմ եւ հզօրացնել հակամենաշնորհային պայքար իրականացնող պետական մարմինի հաստատութենական կարողութիւնները: Այդպիսի ընկերութիւնները օրէնքի ուժով պէտք է դառնան ԲԲԸ, որոնց բաժնետոմսերի առնուազն 1/3-ը ազատ բաժանորդագրման պէտք է ներկայացուի սակարանում, ինչը կը նպաստի եկամուտների արդար բաշխմանը, քորփորատիւ մշակոյթի զարգացմանը եւ հանրային վստահութեան հաստատմանը:

Սոցիալ-տնտեսական զարգացման եւ անվտանգութեան հիմնական ենթակառուցուածքային մաքրոգործօն են բնական մենաշնորհները, որոնք պէտք է ոչ միայն անուղղակի կարգաւորուեն պետութեան կողմից, այլեւ ունենան ուղղակի պետական մասնակցութիւն` որոշումներ կայացնելու հսկիչ փաթեթով:

Ենթակառուցուածքային մեծ ծրագրեր նախաձեռնելիս անհրաժեշտ է խուսափել «ենթակառուցուածքային ծուղակից», երբ ծրագրի փաստացի ժամկէտն ու պիւտճէն բազմապատիկ անգամ գերազանցում են նախահաշիւը, եւ չի ապահովւում ծրագրի արդիւնքը:

Արտաքին ռիսքերի կառավարման ճկուն համակարգ ունենալու համար անհրաժեշտ է արտաքին տնտեսական տարբերակուած քաղաքականութիւն` տնտեսութեան ստեղծարար զարգացման եւ մարդկային դրամագլխում արդիւնքային ներդրումների ներգրաւման հիմնական նպատակներով:

Արտաքին եւ ներքին ներդրումների ներգրաւման հիմնական երաշխիքներից է նաեւ միջազգային չափանիշներով` արդար, անկախ եւ արդիւնաւէտ դատաիրաւական համակարգի ձեւաւորումը, ներառեալ հաշտարար դատարանները:

Այս նպատակադրումների համաթեքսթում հայկական սփիւռքը պէտք է դիտուի որպէս յենասիւնային մաքրոգործօն եւ այդ ներուժը պէտք է լիարժէք իրացուի սփիւռքի հետ տնտեսական կապերի զարգացման ռազմավարութեանը համապատասխան:

Արտահանման խթանման համար (յատկապէս` զբօսաշրջութեան ոլորտում) անհրաժեշտ են` աշխուժօրէն եւ ծրագրուած օգտագործել ՀՀ դեսպանատների եւ առեւտրային ներկայացուցչութիւնների հնարաւորութիւնները, արտահանման սուպսիտաւորումից ու ապահովագրութիւնից բացի` ներդրնել պետական երաշխիքով առեւտրի ֆինանսաւորման արդի գործիքներ:

Միւս կողմից` ներմուծման փոխարինման գործիքակազմը չի կարող արդիւնաւէտ լինել, եթէ գոնէ պետական գնումներում նախապատուութիւն չտրուի տեղական արտադրողին:

Տնտեսական քաղաքականութիւնը պէտք է ուղղուած լինի նաեւ աճի առաջնային բեւեռների ձեւաւորմանը` ՓՄՁ, աշխատատար եւ գիտելիքային ճիւղեր, զբօսաշրջութեան ներուժ ունեցող բնակավայրեր, ռազմական արդիւնաբերութեան բարձր արհեստագիտատար բնագաւառներ, խոշոր ներդրումներով եւ նոր աշխատատեղեր ստեղծող առանձին ձեռնարկութիւններ, յատկապէս` սահմանամերձ, բարձր լեռնային բնակավայրերում:

Գիւղատնտեսութեան զարգացման համար անհրաժեշտ է ապահովագրուած, կայուն եկամտաստեղծ եւ համալիր տնտեսվարման պայմանների լիարժէք ձեւաւորում` «անապահովութիւնից դէպի կայուն զբաղուածութիւն» սկզբունքով:

2.- Տնտեսական աճը բարեկեցութեան անհրաժեշտ, բայց ոչ բաւարար պայման է:

Զուգահեռաբար եւ փոխադարձութեան սկզբունքով` տնտեսական զարգացումը պէտք է անշեղօրէն ուղենշուի սոցիալական ներառականութեամբ եւ արդարութեամբ:

Մասնաւորապէս`

Նախ` ՀՆԱ-ի առնուազն 25 տոկոսը, սահմանուած թիրախներին ու առաջնահերթութիւններին համաչափ, պէտք է ուղղուի սոցիալական պաշտպանութեան, առողջապահութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներին:

Պետական միջոցների կայուն աւելացմանը զուգահեռ պէտք է իրականացուեն պետական եւ համայնքային արդիական ծրագրեր` իւրաքանչիւր քաղաքացու նուազագոյն սոցիալական կարիքների բաւարարման վերջնանպատակով:

Զուգահեռաբար, առաջնային կարեւորութիւն ունի աշխատաշուկայի պետական կարգաւորումը եւ աշխատողների սոցիալ-աշխատանքային իրաւունքների պաշտպանութիւնը:

Մասնաւորապէս`

Զբաղուածութեան պետական աջակցութեան ծրագրերի ակնկալուող արդիւնք պէտք է սահմանուի գործազուրկի կայուն զբաղուածութեան ապահովումը այն մօտեցմամբ, որ իւրաքանչիւր շահառուի համար ծախսուած պետական միջոցները վերադարձուեն նրա եկամտահարկով:

Պետութեան համար առաւել նպատակայարմար պէտք է լինի աշխատատար ճիւղերի ձեռնարկութիւնների մասնակի սուպսիտաւորումը` որպէս անապահովութեան նպաստին այլընտրանք եւ տարածքային համաչափ զարգացման գործիք:

Հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց զբաղուածութեան ապահովման համար, ի լրումն, անհրաժեշտ են նաեւ` խոշոր գործատուների կողմից պարտադիր ապահովման աշատատեղերի մասնաբաժնի լիարժէք կիրառումը, պետական աջակցութեամբ սոցիալական ձեռնարկատիրութեան կայացումն ու զարգացումը:

Նուազագոյն աշխատավարձը պէտք է շարունակաբար բարձրացուի սոցիալական գործընկերութեան հարթակում, իրական բանակցութիւնների հենքի վրայ` կենսապահովման նուազագոյն զամբիւղի արժէքին համաչափ, նուազագոյն/միջին աշխատավարձ յարաբերակցութիւնը պահելով` 50-60 տոկոս միջակայքում:

Իսկ սոցիալական գործընկերութեան արդիւնաւէտ զարգացման հիմնական պայման են` իրապէս անկախ, ներկայացուցչական եւ հզօր արհմիութիւնները:

Միւս կողմից` ՀՀ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններին համապատասխան` անհրաժեշտ է ամբողջականացնել աշխատանքային օրէնսդրութեան կատարման նկատմամբ պետական վերահսկողական համակարգը` բարձրացնելով արդիւնաւէտութիւնը, բացառելով առկայ եւ հնարաւոր փտածութեան ռիսքերը:

Նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացմանը զուգահեռ, պէտք է պարբերաբար վերանայուեն անապահովութեան նպաստի չափերը` հիմք ընդունելով պետական պիւտճէի աճող հնարաւորութիւնը եւ կենսապահովման նուազագոյն զամբիւղի արժէքը:

Սակայն անապահովութեան նպաստ պէտք է ստանան աղքատ այն ընտանիքները, որոնց կազմում չկան աշխատանքային տարիքի աշխատունակ անդամներ, իսկ աշխատանքային տարիքի աշխատունակ անձանց պէտք է առաջարկուի պետական աջակցութեամբ կայուն զբաղուածութիւն:

Կենսաթոշակային նոր համակարգի ձեւաւորման համար առաջարկւում են հետեւեալ հիմնական սկզբունքները` պետութեան դրական պարտաւորութիւն, միջսերնդային եւ ներսերնդային համերաշխութիւն, գործատու – աշխատող – պետութիւն ամբողջական մասնակցութիւն, համարժէքութիւն` կենսաթոշակի չափի համար ելակէտ պէտք է հանդիսանայ կենսաապահովման նուազագոյն զամբիւղի արժէքը կամ երկրի միջին աշխատավարձի առնուազն 40%-ը, օրինական եւ կայուն աշխատանքի խթանում` աշխատանքային սթաժի հաշուառում` թոշակի չափի որոշման համար:

3.- Կայուն զարգացումը պահանջում է, որ քաղաքականութիւնը միտուած լինի կեանքի որակի առաջանցիկ բարելաւմանը, նաեւ` վաղուայ բարեկեցութեան հիմքերի ապահովմանը:

Այստեղ յենասիւնային են` ժողովրդագրութիւնը, կրթութիւնը, առողջապահութիւնը, մշակոյթը, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը:

Մասնաւորապէս`

Ծայրայեղ վիճակի հասնող ժողովրդագրական խնդիրների լուծման համար տնտեսական աճն ու սոցիալական լարուածութեան թուլացումը ինքնին բաւարար չեն: Անհրաժեշտ է պետական համակարգուած մօտեցմամբ ձեւաւորել ժողովրդագրական զարգացման ռազմավարական աջակցութիւն, հետեւեալ հիմնական ուղղութիւններով` ծնելիութեան խթանում, արտագաղթի կանխում եւ ներգաղթ, տարածքային համաչափ զարգացում ու կեանքի որակի բարելաւում:

Կրթական քաղաքականութիւնը պէտք է բխի ոչ միայն աշխատաշուկայի առկայ պահանջարկից, այլ նաեւ` առաջանցիկ լուծումներով, որակեալ քատրերի պատրաստումը պէտք է դառնայ գիտելիքային եւ ստեղծարար տնտեսութեան զարգացման հիմքը:

Ծառայութիւնների որակի ու մատչելիութեան երաշխիքների լիարժէք ներդրմամբ եւ պետական ֆինանսաւորմամբ` պէտք է անվճար ապահովուեն նախադպրոցական կրթութիւնը, հանրակրթութիւնը եւ մասնագիտական կրթութիւնը:

Առողջապահութեան ոլորտում բարեփոխումները պէտք է ուղղուած լինեն` նուազագոյն պազային փաթեթով պարտադիր պետական ապահովագրութեան փուլային ներդրմանը, ինչպէս նաեւ` ծառայութիւնների արդիականացմանը, որակի ու մատչելիութեան բարձրացմանը, համակարգի ամբողջական ելեկտրոնային կառավարման գործիքների ներդրմանը, ճկուն սակագների ձեւաւորման խթանների ապահովմանը:

Մարզերում պէտք է ձեւաւորուեն Երեւանի բուժհաստատութիւններին չզիջող բժշկական կեդրոններ:

Մշակութային ժառանգութեան զարգացումն ու քապիթալացումը պէտք է մշտապէս լինեն պետութեան նպատակային աջակցութեան ներքոյ, հիմքում ունենալով` հոգեւոր աղքատութեան յաղթահարումը, նորարարութիւնների խթանումը, մշակութային բազմազանութեան քաջալերումն ու հասանելիութիւնը, ազգային մշակութային արժէքների միջազգայնացումը, ինչպէս նաեւ` մշակութային կրթութեան եւ գեղարուեստական դաստիարակութեան համար հաստատութենական հիմքերի ապահովումը:

Բնապահպանական առումով ընդունելի վիճակի ապահովումը եւս հանդիսանում է կայուն զարգացման մաքրոգործօն` ներկայ սերունդի համար ստեղծելով համերաշխութեան մթնոլորտ, իսկ ապագայ սերունդների համար` զարգացման հաւասար պայմաններ:

Հետեւաբար քաղաքականութիւնը պէտք է միտուած լինի` բնական հարստութիւնների գերշահագործման բացառմանը, շրջակայ միջավայրի, այդ թւում` մարդու կեանքի եւ առողջութեան վրայ բացասական ազդեցութեան նուազեցմանը, բնական հարստութիւնների համալիր կառավարմանը, ստացուող եկամուտների արդար բաշխմանը:

Վիրահայոց Թեմն Ընդդէմ Վրաստանի Պետական Մարմինների. Երկու Եկեղեցու Հարցով Թեմը Դիմել Է Թիֆլիսի Քաղաքային Դատարան

$
0
0

ՔՐԻՍՏԻՆԷ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

Վիրահայոց թեմն այս տարի երկու հայց է ներկայացրել Թիֆլիսի քաղաքային դատարան: Առաջինը վերաբերում է Թիֆլիսի Թանդոյեանց Ս. Աստուածածին եկեղեցուն, երկրորդը` Թիֆլիսի Ս. Նշան եկեղեցուն:

Թանդոյեանց եկեղեցու համար երկու հայցապահանջ է ներկայացուել

2018թ. յունուարի 5-ին. վիրահայոց թեմը վարչական բողոք է ներկայացրել դատարան ընդդէմ Վրաստանի հանրային մատեանի ազգային գործակալութեան եւ տնտեսութեան նախարարութեան գոյքի կառավարման ազգային գործակալութեան: Թեմը գտնում է, որ 2017 թուականի յուլիսի 18-ի որոշմամբ Թանդոյեանց Ս. Աստուածածին եկեղեցին փոխանցելով Վրաց ուղղափառ եկեղեցու պատրիարքարանին` Վրաստանի հանրային մատեանը խախտել է վիրահայոց թեմի շահերը` չուսումնասիրելով եկեղեցու ծագումը, նրա պատմութիւնը եւ եկեղեցու նկատմամբ թեմի ունեցած պահանջը:

Այս եկեղեցու համար երկրորդ հայցապահանջը ներկայացուել է տնտեսութեան նախարարութեան գոյքի կառավարման ազգային գործակալութեան դէմ, որը Թանդոյեանց եկեղեցին եւ դրան կցուած հողակալուածքը, առանց որեւէ հիմնաւորման, պետութեան հաշուեկշռից օտարել է` այդպիսով հեշտացնելով հայոց եկեղեցին վրաց պատրիարքարանի հաշուեկշռին փոխանցելու գործը:

Վիրահայոց թեմի շահերը դատարանի եւ համապատասխան վարչական մարմիններում պաշտպանում են միջազգային EMC եւ TDI (Tolerance and Diversity InstituteTop of Form) կազմակերպութիւնների իրաւաբանները:

«Վիրահայոց թեմն ունի բոլոր իրաւական, փաստացի, արխիւային նիւթերն ինչպէս ՀՀ-ի արխիւից, այնպէս էլ Վրաստանի ազգային արխիւում պահպանուած բազմաթիւ նիւթերից, որոնք ապացուցում են, որ եկեղեցին ի սկզբանէ եղել է հայկական, կառուցուել է Իսահակ Թանդոյեանցի կողմից եւ նրա միջոցներով, եւ այն պէտք է վերադարձուի իր իրաւական սեփականատէրերին` վիրահայոց թեմին», «Հետք»-ի հետ զրոյցում ասաց վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանի պատասխանատու Սուսաննա Խաչատրեանը:

Լուսանկարը՝ Վիրահայոց թեմի կայքից

Համաձայն վիրահայոց թեմի նիւթերի, Թանդոյեանց Ս. Աստուածածին եկեղեցին (Պլեխանովի, այժմեան Դաւիթ Աղմաշենեպելի փողոց 38), կառուցուել է 19-րդ դարի 50-60-ական թուականներին: 1866թ. Թանդոյեան ընտանիքի նախաձեռնութեամբ հարց է բարձրացուել Ս. Աստուածածին փայտաշէն հին եկեղեցու տեղում նորը կառուցելու առնչութեամբ: Եկեղեցին ի սկզբանէ կառուցուել է որպէս հայկական առաքելական եկեղեցի` հայազգի Սահակ Թանդոյեանցի կողմից: Վերջինիս անունով էլ այն ստացել է Թանդոյեանց անուանումը: Այդ մասին է վկայում նաեւ եկեղեցու հարեւանութեամբ մինչեւ վերջերս պահպանուած գրութիւնը:

1923-1924թթ. Թանդոյեանց եկեղեցին փակուել է խորհրդային իշխանութիւնների կողմից: Եկեղեցու ունեցուածքը բռնագրաւուել է, իսկ եկեղեցին յանձնուել Հանրապետութեան պիոներական (սկաուտական-Խմբ.) կազմակերպութեանը, ապա վերածուել է «Կոլխիտա» (Կոլխեթի) շարժապատկերի սրահի:Վրաստանի անկախութեան հռչակումից յետոյ` 1990-ական թուականներից, Վրաստանի կառավարութիւնը, հաշուի չառնելով կիսաւեր եկեղեցու պատմական ծագումն ու դաւանանքային յատկանիշները, այն չի վերադարձրել վիրահայոց թեմին: 2017 թուականին Վրաստանին Հանրային մատեանի ազգային գործակալութիւնը Թանդոյեանց եկեղեցին փոխանցել է վրաց եկեղեցու պատրիարքարանին` որպէս սեփականութիւն: Վրաց ուղղափառ եկեղեցու պատրիարքարանը Թանդոյեանց եկեղեցու հիմքերի վրայ արդէն իսկ տարբեր տեսակի աշխատանքներ է իրականացրել:

Վրաց ուղղափառ եկեղեցին էլ յայտարարել է, որ այնտեղ յայտնաբերուել են վրաց ուղղափառ եկեղեցու հետքեր եւ գրանցել է եկեղեցին որպէս վրաց պատրիարքարանի սեփականութիւն:

«Պահանջում են եկեղեցին կրկին վերադարձնել պետական հաշուեկշռին, այսինքն` տնտեսութեան նախարարութեան, քանի որ առանց ուսումնասիրութեան` այն հանուել է պետական հաշուեկշռից, եկեղեցին իբր թէ յայտնուել է օդում, եւ դրանից ելնելով` Վրաց ուղղափառ եկեղեցին յայտ է ներկայացնել այն որպէս իր սեփականութիւնը գրանցելու համար», պատմեց Սուսաննա Խաչատրեանը:

Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանի պատասխանատուն յայտնեց, որ դատական նիստերն այս գործով յետաձգւում են: Յաջորդ նիստը նշանակուած է սեպտեմբերի 11-ին:

Վիրահայոց թեմն ընդդէմ Թբիլիսիի քաղաքապետարանի

Վիրահայոց թեմի երկրորդ հայցն ընդդէմ Թիֆլիսի քաղաքապետրանի է` Ս. նշան եկեղեցու հարցով: Վիրահայոց թեմն այս գործով վիճարկում է քաղաքապետարանի տրամադրած շինթոյլտուութիւնը մի քաղաքացու, ով Ս. Նշան եկեղեցու կողքին տարածք է ձեռք բերել եւ շինարարութիւն սկսել: Պատրաստւում է եռայարկ տուն կառուցել: Թեմը պահանջում է անվաւեր ճանաչել այդ շինթոյլտուութիւնը:

«Եկեղեցին այժմ վթարային, պահպանուած վիճակում է, իսկ Ս. Նշանի կողքին այժմ կատարւում է անօրէն շինարարութիւն, որը կարող է միանգամայն փլուզել եկեղեցին: Մենք դիմել ենք դատարան, որպէսզի դադարեցնենք շինարարութիւնը: Մենք դիմել ենք դատարան` ընդդէմ քաղաքապետարանի, որը պատմական հոգեւոր յուշարձանի կողքին շէնք կառուցելու թոյլտուութիւն է տուել», մանրամասնեց Սուսաննա Խաչատրեանը:

1701թ. կառուցուած Ս. Նշան եկեղեցու պատկանելութիւնը վրացական կողմը վիճելի է համարում: 2012 թուականի յունուարին, յիշեցնենք, եկեղեցում բռնկուած հրդեհի պատճառով փլուզուել էր աջակողմեան գմբէթը պահող սիւնը, համապատասխանաբար` նաեւ գմբէթը: Նոյն տարուայ մայիսին էլ արդէն առաւել մեծ ծաւալների փլուզում էր տեղի ունեցել:

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձանների պահպանութեան գործակալութեան աշխատակիցներից եւ բնագաւառին առնչուող մասնագէտներից կազմուած աշխատանքային խումբ էր մեկնել Վրաստան` փլուզումն ու եկեղեցու վիճակն ուսումնասիրելու համար: Թէեւ յուշարձանի վերականգնման նախահաշուարկ էր կազմուել վրացի գործընկերների հետ, որով վերականգնման արժէքը կազմել էր շուրջ 1,4 մլն. լարի (325 մլն. դրամ), սայլը տեղից այդպէս էլ չէր շարժուել: Եկեղեցին շարունակում էր մնալ վթարային եւ առանց հսկողութեան:

Եկեղեցու կողքի տները եւս խարխուլ վիճակում են, եւ այդ տարածքում շինարարական աշխատանքները վտանգում են նաեւ յարակից բնակիչների տներին:

Բացի վիրահայոց թեմից` Ս. Նշան եկեղեցու անմիջական կողքին գտնուող տան բնակիչը եւս դիմել է դատարան` ընդդէմ այդ շինարարութեան, քանի որ իր տան պատն ընդհանուր է եւ շինարարութիւնը սպառնում է տան կայութեանը:

Ս. Նշանի գործով երկու նիստ է տեղի ունեցել, որոնք, սակայն, եւս յետաձգուել են:

Պատահական եւ զարմանալի չէ, որ Վրաց ուղղափառ եկեղեցին որպէս իր սեփականութիւն է գրանցել Թանդոյեանց եկեղեցին, քանի որ դեռեւս 2013 թուականից ահազանգել էինք, որ Վրաց ուղղափառ եկեղեցին որպէս իր ունեցուածք գրանցել Է Սամցխէ-Ջաւախք նահանգի Ասպինծայի շրջանի հայաբնակ Դամալա (որոշ աղբիւրներում` Տամալա) գիւղի հայկական Վանք եկեղեցին, Ախալցխայի հարաւարեւմտեան ծայրամասում գտնուող երկու մատուռները, որոնք տեղացի հայերն անուանում են Քրոջ եւ Եղբօր վանքեր եւ այլ եկեղեցիներ ու մատուռներ:

Փոխարէնը` իրաւաբանական գրանցում չունեն Վրաստանի տարածքում գտնուող հայկական գործող ու չգործող եկեղեցիներն ու մատուռները: Վիրահայոց թեմը Վրաստանի տարածքում գործող 58 եկեղեցիների գրանցման համար դիմել է Վրաստանի կառավարութեանը, սակայն հարցը դեռեւս քննարկման փուլում է:

«ՀԵՏՔ»

 

Հայաստան. «Թաւշեայ Յեղափոխութենէն» Ետք Դէպի Ո՞ւր –Դ.

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Գաղափարի Ու Ազգային Ուղեգիծի Ամրացում

«Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ասդին, ու` դէպի բարեշրջում զարգացումներուն ու խոստումներուն դիմաց, Հայաստան անգամ մը եւս ինքզինք կը գտնէ գաղափարներու բիւրեղացման ու անոնց հիմամբ ազգային պետութիւն ձեւաւորելու հրամայականին դէմ յանդիման: Այս հանգրուանին այս հրամայականը տարբեր երանգով կը հնչէ, որովհետեւ բարեշրջական երթը կը կատարուի ժողովուրդին համար, յանուն ժողովուրդին:

Պէտք է արձանագրել, որ վերանկախացումէն ասդին Հայաստանի կառավարման դրութեան մէջ գաղափարական ենթահողը լայն տեղ չէ գտած. Հայաստան շտապեց խորհրդային-համայնավարական դրութենէ ընդհուպ ոստնուլ դրամատիրական քիչ թէ շատ վայրագ դրութեան մը գիրկը, որ առիթ տուաւ շատ մը չարիքներու, որոնցմէ մէկն ալ սակաւապետներու համակարգին ձեւաւորումն էր ու զանգուածներու բարեկեցութեան յամեցումը: Ի դէպ, տասնամեակներ առաջ կատակով կը խօսուէր այլ ճշմարտութեան մը մասին, թէ` «դրամատիրութիւնը մարդուն շահագործումն է մարդուն կողմէ, իսկ համայնավարութիւնը` ճիշդ հակառակը…»:

Աւելի՛ն. վերանկախացած Հայաստանի իշխանութեան վերնախաւերը կազմաւորուեցան ու իրարու յաջորդեցին առաւելաբար անձնակեդրոն կուսակցութեանց ճամբով: Անհատներու եւ խմբակներու միջեւ մրցակցութիւնը, շահերու համակարգումն ու խաչաձեւումը կարեւոր տեղ գրաւեցին յաջորդական իշխանութիւններուն մէջ, սկզբնական շրջանին հզօր նկատուող ու խորհրդարանն ու պետական մեքենային միւս թեւերը իրենց հակակշիռին տակ ունեցողներ մօտաւորապէս տասնամեակ մը ետք դուրս ինկան իշխանութենէ, մեծ մասամբ վերածուեցան բացասական դերակատարութիւն ստանձնող ընդդիմութեան մը, նաեւ դիմեցին անուանափոխութեան եւ այլ միջոցներու: Առաւելաբար շահադիտական նպատակներով նախկին համայնավարներ օր մը փայլեցան ՀՀՇ-ի, յետոյ Հանրապետականի, Ազգ. քոնկրեսի կամ այլ կուսակցութեանց երկինքին վրայ, վաղը կրնան ծագիլ նաեւ նոր իշխանութեան մասնակցելու ձգտող այլ կուսակցութեանց ցանկերուն վրայ: Այս վիճակին մէկ հետեւանքն ալ այն եղաւ, որ Հայաստանի մէջ ունեցանք տէրպետրոսեանականներ, սարգսեանականներ (քանի մը տեսակը…), վազգէնականներ, «կիրակոսականներ-մարկոսականներ» եւ դեռ` ուրիշներ: Այդպէս եղաւ, որովհետեւ Հայաստանի կուսակցութիւններէն շատեր միայն անուանական կերպով ունին գաղափարական հիմքեր: Բացառութիւններէն է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ սկիզբի օրերէն ալ, ու` մինչեւ ներկայ փուլին, քաղաքական աշխատանքի ու առաջադրանքի հիմք ունի գաղափարական յստակ սկզբունքներ: Այս մօտեցումը նորութիւն չէ Դաշնակցութեան համար. Ա. հանրապետութենէն ի վեր, նաեւ` Դաշնակցութեան ընկերային գաղափարներու բիւրեղացումէն ասդին, անոր գաղափարական հիմունքները կը ձգտին Հայաստանի մէջ ստեղծել ընկերային արդար ու հաւասարակշռուած դրութիւն, որուն մէջ հիմնական գիծեր են, ըստ կարելւոյն, անթերի ժողովրդավարութիւն, ազգային շահերու գերակայութիւն եւ պատմական իրաւունքներու առաջնահերթութիւն: 10 օգոստոսին հրապարակուած ծրագիրը, որ կը կրէր «Ընկերային-տնտեսական  քաղաքականութեան հիմնադրոյթերու նախագիծ» խորագիրը, նորագոյն դրսեւորումը եղաւ այս վարքագիծին. անցեալին ալ Դաշնակցութիւնը կարեւոր փուլերու հրապարակ եկած է քաղաքական յստակ տարազումով ու ծրագիրներով, որոնց գործնականացման համար նկատի առնուած են Հայաստանի ու աշխարհի այժմու իրականութիւնները, կատարուած են համապատասխան պատշաճեցումներ: Պէտք չէ մոռնալ, որ պատմական իրադարձութեանց ու ընկրային-տնտեսական քաղաքական կեանքերու մէջ կան անփոփոխելի եւ փոփոխելի գործօններ. հիմնական սկզբունքները կը մնան, պէ՛տք է մնան անփոփոխ, որովհետեւ, այլապէս, տուեալ կուսակցութիւն մը կը դադրի ինքզինք ըլլալէ: Սպասելի է, որ այլ կուսակցութիւններ եւս նման մօտեցումով պատրաստուին յառաջիկայ ընտրութիւններուն, որպէսզի պայքարը ըլլայ ազնիւ, մղուի գաղափարներու միջեւ մրցակցութեան, եւ ոչ թէ անհատներու եւ որոշ խմբաւորումներու շահերուն համակարգումի-խաչաձեւումի տրամաբանութեամբ: Եւ սա պիտի ըլլայ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» բերելիք կարեւորագոյն նպաստներէն մէկը, որովհետեւ երկրին ու ժողովուրդին բարօրութեան ու շահերուն շուրջ է, որ պիտի մղուի ընտրապայքարը:

Եթէ պահ մը մեր աչքերը տարածենք դէպի աշխարհի այն երկիրները, որոնք, ըստ բաւականին, յառաջդիմութիւն արձանագրած են ժողովրդավարութեան, ընկերային արդարութեան ու ազգային շահերու պաշտպանութեան ոլորտներու մէջ, պիտի տեսնենք, որ հոն կուսակցութիւններ ընտրապայքար կը մղեն յստակ եւ շօշափելի ծրագիրներու հիմամբ, եւ` ոչ միայն բարի խոստումներով կամ նախորդ իշխանութիւնները քննադատելով: Ասոնք կարեւոր են, առաւելաբար կը ծառայեն քարոզչական նպատակներու, սակայն կայ անկէ անդին. իւրաքանչիւր կուսակցութիւն կը մշակէ ներքին ու արտաքին յստակ քաղաքականութիւն` իր տնտեսական, յարաբերական, մշակութային եւ, մէկ խօսքով, ժողովուրդին կեանքը մարմնաւորող բոլոր ոլորտները լաւագոյնս յանձանձելու առաջադրութեամբ, այնպէս` ինչպէս կը թելադրեն գաղափարական իր սկզբունքները: Դրամատէրը բնականաբար կը հակադրուի ընկերվարականին եւ ձախ մտածողութեամբ գործող կուսակցութեանց, անոնք ալ` ազատ-շուկայականին, քրիստոնեայ-դեմոկրատը` այլոց, եւ այսպէս` շարունակաբար: Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ ասոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր երկիրներու մէջ ունի իւրայատուկ մեկնաբանութիւններ, եւ, օրինակի համար, Գերմանիոյ մէջ ազատական թեքումով կուսակցութեան մը գաղափարական սկզբուքներն ու գործելակերպը լիովին չի համապատասխաներ Ֆրանսայի, Սպանիոյ կամ այլ երկիրի մը նոյն «բնոյթ»-ի կուսակցութեան տարազներուն: Երբեմն տարբեր երկիրներու գաղափարակից կուսակցութկեանց մէջ կը ստեղծուի համակարգում, սակայն վերջին տասնամեակներուն նման համակարգում մեծ նահանջ արձանագրած է, աւելի տիրապետող դարձած է շուկայական տրամաբանութիւնը, եւ մենք ականատես եղանք Եւրոպական շուկայի նախ` ամրապնդման ու գործակցական կապերու հզօրացման հոլովոյթի մը, յետոյ` տարանջատման ու դէպի սեփական շահերով տարուելու ընթացքներու: Եւրոպական շուկայէն հեռացման Բրիտանիոյ քայլերը պարզ օրինակ մըն են: Այսուամենայնիւ, գաղափարական սկզբունքները կատարելապէս աղբանոց չեն նետուած: Քաղաքական ելեւէջներն ու որոշ կուսակցութեանց հզօրացումը կամ տկարացումը` ընտրական հանգրուաններուն, կ՛արտացոլացնեն յստակ իրականութիւններ, այսինքն յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ ան, որ իր սկզբունքները գործնական քայլերու կը վերածէ եւ որոշ բարեշրջում առաջացնէ երկիրն մէջ, կը պահպանէ նոյն րնթացքը, մինչդեռ կը նահանջէ ու կորուստներ կ՛ունենայ ան, որ տէր չի կանգնիր իր խոստումներուն, կը թողլքէ իր գաղափարները եւ իրողապէս կը յարի ուրիշի գաղափարներուն: Դժուար չէ այս դիտանկիւնէն տեսնել Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Յունաստանի եւ դեռ շարք մը այլ երկիրներու վերջին տասնամեակներու զարգացումները, վերիվայրումները: Չենք արհամարհեր, անշուշտ, այն ազդեցութիւնները, որոնք ստեղծուեցան Խորհրդային Միութեան փլուզումով ու անոր յաջորդած հսկայական փոփոխութիւններով, զինակցութեանց վերադասաւորման փորձերով ու ազդեցութեան գօտիներու աշխարհագրութեան վերանայումով, սակայն մեր խօսքը առաւելաբար կը վերաբերի երկրի մը ու անոր ժողովուրդին ներքի՛ն կեանքի կառավարման ընտրանքներուն, հինէն եկող ու բնական զարգացումներ ապրող գաղափարներու միջեւ ազնիւ մրցակցութեան (կրնայ առարկուիլ, որ քաղաքական աշխարհի մէջ ազնիւ մրցակցութիւնը վերացական հասկացողութիւն է, իրականը վայրագ մրցակցութիւնն է. սա ճիշդ է որոշ չափով, սակայն չի հերքեր Գաղափարի՛ն անհրաժեշտութիւնը):

Վերակազմաւորուող Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ է վերականգնել նաեւ իսկական մտաւորականի տեղն ու դերը. մտաւորականութիւն, որ անփոխարինելի դեր ունեցած է անցեալին երկրին ու ժողովուրդին ուղղորդումին մէջ, շրջանցած է «պաշտօնեայի հոգեբանութիւն»-ը եւ հեղինակութիւն դարձած է իր առողջ մտածումներով, քննադատութիւններով, պատմական դէպքերու անմիջական արձագանգումներով: (Փակագիծ մը բանանք յիշելու եւ յիշեցնելու համար, որ միտքի տիրապետութեան նահանջին պատճառով, իշխանափոխութեան տաք փուլը որոշ չափով նսեմացուց այս տարուան ապրիլ 24-ը, զայն պահեց արարողականի սահմաններուն մէջ, յետոյ նաեւ մայիս 28-ի տօնակատարութիւնը ետ պահեց պատմակշիռ իրագործումին համապատասխան տարողութեամբ ու տարածքով կատարելու քայլերէն, նախատեսուած բազմաթիւ ծրագիրներ «խեղդամահ» եղան, իսկ Սեւրի դաշնագիրը գրեթէ աննկատ անցաւ ընդհանրական բեմին վրայ` պարտականութիւնը ձգելով դաշնակցական մամուլին ու յօդուածագիրներու, կարծէք թէ Հայաստանի հիմքերը միջազգայնօրէն հաստատող ու մեր Դատին լայն տարածքը յուշող դաշնագիրը միայն մէկ կուսակցութեան կը պատկանէր. ժամանակին եռագոյնն ու զինանշանն ալ թողուած էր միայն Դաշնակցութեան, հիմա իրենց արդար տէրը գտած են…): Խորհրդային տարիներուն իսկ, ուշ 60-ականներէն սկսեալ, քննական մօտեցումը համակած էր մտաւորականութիւնը, որ ի շարս շատ ոլորտներու` իր խօսքը ունեցած էր ու ուղղութիւն տուած` ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՅԹի վերաձեւաւորման ու զարգացման մէջ: Բազմաթիւ մտաւորականներ ձեւը գտած էին հակադրուելու իշխանութիւններուն եւ շինիչ քննադատութեան ենթարկելու վիճակներ ու դրոյթներ, ետին ձգելով անհատի պաշտամունքի եւ «ինչ որ վերէն կը թելադրուի, ճիշդ է»-ի տրամաբանութիւնը: Վերականգնումէն անդին` պէտք է նաեւ նոր յառաջխաղացք արձանագրել այս գետինին վրայ: Այս իմաստով, շօշափելի նախանշաններ չեն տեսնուիր ցարդ, այլ նախկին գիծերու շարունակումը կը մնայ տիրապետող: Պարզ օրինակ մըն է… օտարաբանութիւններու հեղեղը, որ տեղատուութիւն ապրելու փոխարէն` մակընթացութեան մէջ է: Բնականաբար պիտի առարկուի, որ իշխանութիւնը դեռ «հոն չէ հասած», դեռ ունի այլ հրամայականներ ու առաջնահերթութիւններ, սակայն երբ իշխանութեան ամէնէն վերին խաւերէն սկսեալ մինչեւ մամուլն ու քաղաքական քննարկումներ կատարողներ, կուսակցական եւ մշակութային գործիչներ կը նախընտրեն խորանալ օտարաբանութեան ճահիճին մէջ, մինչեւ իսկ շարժումը առաջնորդուեցաւ ու կը շարունակէ առաջնորդուիլ… օտարաբանութեամբ մը` «դուխով», անհրաժեշտ է անգամ մը եւս յիշեցում կատարել հինէն եկող այս ախտին դարմանումին մասին, իբրեւ գործնական արտայայտութիւն` մշակութային բարեշրջումի նախանձախնդրութեան: Պատկերը բոլորովին մութ չէ, յամենայն դէպս: Լոյսի նշոյլի մը ականատես եղանք մօտաւորապէս ամիս մը առաջ, երբ վարչապետը կառավարութեան մէկ նիստին նախարարներուն առջեւ գիրքեր դրաւ ու կոչ ուղղեց անոնց ու ժողովուրդին, որ գիրքի տարածման ու ընթերցումի մշակոյթին զարկ տան:

Գաղափարական ենթահողն ու մտաւորականութեան դերակատարութիւնը կարեւոր նախադրեալներ են այլ հրամայականի մը, որ կը կոչուի առողջ քննադատութիւն: Այս մշակոյթը պէտք է վերականգնել լիարժէքօրէն ու թոյլ չտալ, որ անիկա մահանայ, նսեմանայ: Եթէ պէտք է, նոր Յակոբ Պարոնեաններ ու Լեռ Կամսարներ ունենանք («Ուշ-ուշ են գալիս, բայց ոչ ուշացած…»), որոնք յանդգնին սխալին ու սխալողին ըսելու, որ սխալ է, հեռու` քաղաքական մասնակի հաշիւներէ ու հաճոյամոլութեան փորձութենէն: «Ամէն բան լաւ է, լաւ ընթացքի մէջ է»-ի տրամաբանութիւնն ու քարոզչութիւնը մեծ բարիք չեն խոստանար: Արդար ու տեղին քննադատութիւնը, շինիչ առաջարկներով ու մտածումներով հրապարակ գալը ո՛չ հայրենադաւութիւն է, ո՛չ ալ Հայաստանն ու իշխանութիւնը չսիրել կը նշանակէ: Նման փորձառութիւններէ անցած ենք համայնավարներու օրերէն ի վեր: Նման սխալներու կրկնութենէն պէտք է խուսափիլ անպայման, ու անկէ անդին` նոյն հայրենիքի զաւակներուն` կուսակցութեանց, ղեկավարութեանց ու ժողովրդային տարբեր խմբաւորումներու ու խաւերու միջեւ պէտք է ստեղծել փոխադարձ յարգանքի, գործակցական հոգեբանութիւն, եւ ոչ թէ հակադրեալ խմբաւորում մը «թուրքէն աւելի վատ» որակելու «քաջութիւն»: Սա չենք արձանագրեր անցեալի սխալները անտես առնելու տրամաբանութեամբ, այլ` արդար, հաւասարակշռուած ու համագործակցական հայրենիքի մը կերտումին մտասեւեռումով:

Այս ու նման նախադրեալներու ամրակայումով է, որ կը դիտենք Հայաստանի «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը` յուսալով, որ անիկա ո՛չ ընկրկումի, ո՛չ ալ նահանջի մատնուի որեւէ պատճառով, այլ յառաջ ընթանայ ընկերային արդարութեան, արդարադատութեան ու պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ:

Այս ու նախորդ քննարկումները կատարեցինք նոր իշխանութեան առաջադրանքները դէպի իրականացում, մեր հայրենիքը իսկական բարեշրջման ընթացքի մէջ տեսնելու նախանձախնդրութեամբ: Որքան ալ որ բարեմիտ ըլլան «նոր Հայաստան» կերտելու ձգտումները, իրաւունք չունինք մոռնալու, որ մեր այսօրուան հայրենիքը սկիզբ առած է… Հայկ նահապետէն ու ներգրաւած` հայրենակերտ բազում սերունդներ. հզօր եղած ենք միասնութեան կերտումով, տկարացած` զիրար ջլատելով: Եւ սա պարզ քարոզ չէ, այլ իրական պատմութիւն:

Բնականաբար մեր քննարկումը չէր կրնար ամբողջական ըլլալ, այդպէս չէ: Հաւանաբար նաեւ մտածուի, որ որոշ մտահոգութիւններ ու մատնանշումներ կատարուած են կանխահասօրէն: Այո՛, պէտք է առիթ տալ նոր իշխանութեան, որպէսզի սկսուած բարեփոխութիւնները շարունակէ, կարելի բոլոր միջոցներով պէտք է աջակցիլ անոր յաջողութեան, թոյլ չտալ, որ օր ըստ օրէ բարձրացող յոյսի ալիքը բեկում ունենայ, որովհետեւ հարցը մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին ճակատագիրին հետ կապ ունի, անհատներէն ու կուսակցութիւններէն վեր է, կուտակուած ու լեռնացած հարցեր կարելի չէ լուծել մոգական գաւազանի մը շարժումով: Այս պատճառով ալ նման քննարկումներ պէտք է տարածուին, չմատնուին մասնակի կամ ժամանակաւոր հաշիւներու ոլորտին մէջ բանտարկուելու փորձութեան:

1-12 Օգոստոս 2018

Viewing all 12097 articles
Browse latest View live