Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12041 articles
Browse latest View live

Ծիրանի Ծառ

0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

«Ծիրանի ծառ, բառ մի՛ տայ,
Վա՜յ,
Ճղներդ իրար մի՛ տայ,
Վա՜յ,
Ամէն մէջդ ման գալիս
Ցաւերս իրար մի՛  տայ» (Կոմիտաս վարդապետ)

Բարեկամի մը տունը այցելութեան գացած էի. երբ կը պատրաստուէի տուն վերադառնալ, իր տան պարտէզէն շատ փոքր, ափի մեծութեամբ տունկ մը տալով ինծի` յանձնարարեց ցանել պարտէզիս մէկ անկիւնը:

– Քանի մը տարիէն պիտի վերածուի ծառի, որ պիտի յիշեցնէ Պէյրութի այնքա՜ն համով ծիրանի համն ու հոտը: Պարտէզով զբաղելու շատ ժամանակ չեմ գտներ: Պարտիզպանիս կը վստահիմ այդ գործը, սակայն, բացառաբար, այս անգամ ի՛մ ձեռքերովս ուզեցի ցանել նուիրուած տունկը, որ քանի մը տարիէն պիտի դառնար ծիրանի ծառ:

Յիշեցի աւելի քան 60 տարիներ առաջ Պէյրութի Էշրեֆիէ թաղամասի մեր տան բակի հօրս ձեռքով ցանուած ու հասակ առած քանի մը պտղատու ծառերը, որոնցմէ նախընտրածս ծիրանի ծառն էր, ոչ թէ` ծիրանը շատ սիրելուս պատճառով, այլ պարզապէս, պտուղէն աւելի, հետաքրքրուած էի անոր կորիզով: Կը հաւաքէի այդ պտուղին կորիզները: Մեր մանկական խաղերէն մէկն էր «մշմուշի կուտ»-ի խաղը:

* * *

Վերջին օրն է: Ամէն առտուան նման, այսօր եւս դպրոց պիտի երթանք, սակայն երեկոյեան այլեւս պիտի չվերադառնանք այն տունը, ուր ծնած ու հասակ առած ենք:

Պիտի փոխադրուինք մեր նոր բնակարանը: Մէկ սենեակով փոքրիկ խրճիթի փոխարէն` քանի մը սենեակներով լուսաւոր տուն մը, որուն առաստաղը նախկինին նման թիթեղածածկ չէ, եւ անձրեւի կաթիլներ այլեւս պիտի չկաթկթին:

Յիշատակներով լեցուն մեր տունը տեսնելու առիթը բնա՛ւ պիտի չունենանք այլեւս: Թաղի տուները, բոլորը անխտիր, հիմնայատակ պիտի փլեն, եւ այդ հողաշերտին վրայ պիտի կառուցուի բարեսիրական միութեան մը հիւանդանոցը:

Քոյրս ու ես վերջին նայուածք մը կը նետենք մեր սիրելի տան ու արագ կ՛ուղղուինք դէպի Ճեմարանի «փոստան», որ արդէն ժամանած է, եւ բարի շարժավարը` պարոն Յարութիւն, համբերութեամբ մեզ կը սպասէ:

Քոյրս մեղմ կ՛արտասուէ: Յուզուած եմ նաեւ ես, սակայն արցունքներս զսպելու մեծ ճիգ մը կ՛ընեմ: Չեմ ուզեր, որ ընկերներս լացս տեսնեն:

Ուրախ եմ, որ քարաշէն տան մը մէջ պիտի բնակինք: Դասընկերներէն պիտի չամչնամ այլեւս: Ամէն երեկոյ կողք կողքի, գետինը փռուած անկողիններու վրայ պիտի չպառկինք: Իմ առանձին մահճակալս պիտի ունենամ, բայց հակառակ այս բոլորին` տխուր եմ:

Կը կարծէի, որ կարճ ժամանակ ետք յիշողութենէս պիտի ելլէր մեր խեղճուկ տնակը:

«Կեանքի նաւակը հետք չթողուց իր ետին»
Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան,
Հին երազներս ամպերու պէս կ՛անհետին,
Յիշատակն ալ կ՛անցնի երգի մը նման» (Ռուբէն Որբերեան)

Սխալած էի:

Հին երազներս ամպերու պէս չանհետացա՛ն, իսկ յիշատակն ալ երգի մը նման չանցա՛ւ:

Ամենատխուրը հայրս էր: Իր ձեռքերով կառուցած էր այդ տնակը, սակայն ապարանքի մը համազօր էր այդ խրճիթը: Իր ծննդավայրը կը յիշեցնէր: Քանի մը պտղատու ծառեր ցանած էր եւ անբացատրելի սէր մը ունէր այդ շնչող «էակներուն» հանդէպ: Տեսած էր անոնց հասակ նետելը, ինչպէս` իր զաւակներուն մանկութիւնն ու հասակ առնելը: Վայելած էինք այնքա՜ն համով պտուղները, եւ հիմա … պտուղներով ծանրաբեռնուած ծառերը պիտի թողուր իրենց ճակատագիրին ու հեռանար: Քանի մը օրէն գետնի հաւասար պիտի դառնար մեր տունը, իսկ այնքա՜ն խնամքի արժանացած ծառերը արմատախիլ պիտի ըլլային:

* * *

Մեր նոր բնակարանը լուսաւոր էր եւ ընդարձակ, սակայն հայրս նախկին տնակը կը փնտռէր:

Սկզբնական շրջանին կը կարծէի, որ նախկին դրացիներու կարօտն էր իր տխրութեան պատճառը: Ամէն երեկոյ քանի մը դրացիներ կը հաւաքուէին մեր տան բակը եւ հայրս, բարձրաձայն, «Ազդակ»-ի 4 էջերը ծայրէ ծայր կարդալէ, ապա քանի մը թեր ու դէմ կարծիքներէ եւ քաղաքական հարցերը «լուծելէ» ետք, մէկդի կը դնէր օրաթերթը եւ բարձրաձայն կը սկսէր կարդալ հայերէն գիրք մը:

Արեւը արդէն պահուըտած է հորիզոնին ետին: Հեռուէն, նաւահանգիստի նաւերուն ծովու ջուրերուն մէջ պլպլացող լոյսերու ցոլքը շատ աւելի լուսաւոր է, քան` մեր տան հազիւ լուսաւորուած բակը, ուր կողք կողքի նստած, խելօք աշակերտներու նման դրացիները կը հետեւին ընթերցումին հօրս, որ այնքա՜ն ապրումով կը կարդար: Ձայնը մերթ կը բարձրանար, մերթ յուզումէն կը խեղդուէր եւ քանի մը երկվայրկեան ընդհատումէ ետք կը շարունակէր իր ընթերցումը: Կարծես դիտումնաւոր կերպով տխուր պատմուածքներ կ՛ընտրէր: Այդ տարիներուն հազուադէպ էր հանդիպիլ զուարթ գրութիւններու:

Ջարդ, տեղահանութիւն, լաց ու ողբ: Բոլորը անխտիր` տխուր պատմուածքներ:

Ո՛չ մէկ թեր ու դէմ կարծիք: Քա՛ր լռութիւն: Իւրաքանչիւրը ուշադիր մտիկ կ՛ընէր: Ոմանք նոյնիսկ լուռ կ՛արտասուէին: «Ընտանեզուրկ»-ը կարդացած ժամանակ ես ալ լացի: Լացի այնքա՜ն սրտանց: Կարծես կը զգայի ծնողքիս ընտանեզուրկ ըլլալն ու որբանոցներու մէջ հասակ առնելը:

Մեր նոր բնակարանը փոխադրուելէ  ետք վերջ գտած էր հօրս բարձրաձայն կարդալու սովորութիւնը, փոխարէնը, քանի մը տարի ետք, մեր  տունը բերին «տուփիկ» մը, որուն մէջէն մարդիկ կը խօսէին, կ՛երգէին, ժապաւէն կը ցուցադրէին, իսկ մենք լուռ ու մունջ կը հետեւէինք: Ոչ մէկ թեր ու դէմ կարծիք:

Հայրս կ՛ատէր այդ «թելեվիզիոն» կոչուած տուփիկը: Կը քաշուէր տարբեր սենեակ մը ու կը սկսէր կարդալ… առանձին: Իր ունկնդիրները փոխադրուեր էին տարբեր վայրեր, ինչպէս իր մանկութեան տարիներուն  հետքը կորսնցուցած էր Երզնկայի իր համագիւղացիներուն, որոնք տարբեր տուներ չէին փոխադրուած, մեծամասնութեամբ փոխադրուած էին երկնքի արքայութիւն:

Գիւղը ամբողջութեամբ կոտորուած էր:

Շատ աւելի ուշ հասկցայ, որ հօրս նախկին տնակը փնտռելուն մեծագոյն պատճառը իր ցանած ծառերն էին: Շուկայէն պտուղ գնելու կարիքը չէինք զգար: Այդ ծառերը նաեւ մեզ կը պաշտպանէին ամրան կիզիչ արեւէն: Անոնց շուքին տակ այնքա՜ն անուշ փչող զեփիւռը իր գիւղը կը յիշեցնէր:

Փոխադրուած տուներնիս հսկայ շէնք մըն էր: Պտղատու ծառեր ցանելու կարելիութիւնը չունէր հայրս: Ունէինք պատշգամ մը, որուն մէկ անկիւնը մայրս եւ երէց քոյրս քանի մը ծաղիկ եւ անուշաբոյր ռեհան ցանած էին թաղարներու մէջ:

* * *

Սիրելի հայրս արդէն հեռացած է այս աշխարհէն: Ընտանիքով գաղթած ենք ծովերէն անդին, երկրագունդին հակառակ կողմը:

Քանի մը տարի դժուար օրեր անցընելէ ետք մեզի կը վիճակուի ունենալ մեր անձնական տունը` իր բաւական ընդարձակ պարտէզով, որ ձեւով մը մանկութիւնս կը յիշեցնէ:

Նոր տանս պարտէզը «մերկ» է: Ամիս մը հազիւ անցած, քանի մը պտղատու փոքր ծառեր գնելով, կը բերեմ տուն եւ պարտիզպանիս քանի մը ցուցմունքներ կու տամ, թէ ո՛ւր պէտք է ցանէ: Լեմոնը` խոհանոցի ետեւի դրան մօտ, իսկ աւելի հեռու, քով- քովի` մնացած ծառերը:

Յաջորդող քանի մը տարիներուն վայելեցինք անոնց համով պտուղները: Յիշեցի մանկութեանս տարիներուն մեր տան բակը գտնուող պտղատու ծառերը:

Բարեկամիս տուած ափի մը մեծութեամբ բոյսը քանի մը տարի ետք վերածուեցաւ թուփի, ապա հասակիս բարձրութեան հասաւ, իսկ քանի մը ամիս առաջ ճիւղերուն վրայ նշմարեցի տասնեակ մը ծիրան:

Պարտէզիս մէջ գտնուող ծառերէն տարբեր է այս մէկը: Ձեռքովս ցանած եմ, ինչպէս տարիներ առաջ հայրս ցանած էր մեր տան բակի ծառերը, որոնցմէ ծիրանի ծառը կը նախընտրէի: Ներկայիս թէեւ պիտի չհաւաքեմ կորիզները, սակայն ամէն անգամ, երբ համտեսեմ ծիրան մը, տխուր ժպիտով մը պիտի նայիմ անոր կորիզներուն ու յիշեմ մանկութեանս մեր անմեղ խաղերը:

Հայրս, քանի մը պտղատու ծառերու կողքին, մեր տան բակին մէկ անկիւնը ունէր նաեւ փոքրիկ հաւնոց մը, ուր կը պահէր քանի մը հաւ եւ աքլոր մը:

Պտուղներուն նման` թարմ հաւկիթը եւս ամէն առաւօտ կը ստանայինք մեր հաւերէն: Քաղաքին մէջ գտնուող փոքրիկ «գիւղ» մըն էր մեր թաղը:

Ծիրանի թուփը ինծի նուիրող բարեկամս հանգստեան կոչուած է եւ ժամանակին մէկ մասը կ՛անցընէ իր պարտէզը խնամելով: Ունէր նաեւ քանի մը հաւ եւ աքլոր մը, յար ու նման` Էշրեֆիէի մեր տնակին, ամէն առաւօտ թարմ հաւկիթ կը ստանար իր հաւերէն, սակայն… հոս Ամերիկա է: Կարճ ժամանակ ետք դրացիները գանգատ ներկայացուցած էին ոստիկանութեան` պատճառաբանելով, որ ամէն առաւօտ կանուխ աքլորի կանչը կը խանգարէ իրենց անուշ քունը, եւ, այսպիսով, ակամայ վերջ գտած էր անոր «անասնաբուծութիւնը»:

Քանի մը շաբաթ առաջ քաղեցի ծիրանի ծառիս առաջին հունձքը: Ընդամէնը` մօտաւորապէս 10 ծիրան: Հաճոյքով ու նաեւ յուզումով համտեսեցի այդ համով պտուղը` այնքա՜ն տարբեր շուկայէն առնուածներէն, սակայն կորիզները… գացին աղբաման: Շատ մը մեր մանկական սովորութիւններուն նման` «մշմուշի կուտ»-ի խաղը անհետացած է: Մանկութեանս տարիներու խաղերը փոխարինուած են ելեկտրոնային խաղերով:

Գնդիկ, հոլ, «չելլիք» եւ աչքխփուք խաղացող չէ մնացած:

Կեանքի նաւակը հետք թողո՛ւց իր ետին:

Մոռացումը չառա՛ւ ինձմէ ամէն բան:

Տակաւին կը յիշեմ գիւղի մը  տպաւորութիւնը ձգող, 12 հայ ընտանիքներէ բաղկացած մեր թաղը: Թաղին շունը, թաղեցի ընկերներս, որոնք ցիրուցան եղած են աշխարհի չորս կողմերը: Նոյնիսկ տեղեակ չեմ, թէ ո՛վ տակաւին ողջ է, եւ ո՞վ` մահացած:

«Հոգիս սակայն կը յիշէ՛ քեզ,
Ո՛վ ծաղկաւէտ գիւղիս ճամբան,
Ուր քալէինք գառնուկս ու ես
Դէպի պուրակն ու բուրաստան,
Անմեղութեան երազին պէս»: (Ռուբէն Որբերեան)

Լոս Անճելըս, 2018


Ակնարկ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Ամերիկան

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Դժբախտաբար ընդհանրապէս շփոթ կայ Սեւրի դաշնագիրին պատրաստութեան, ստորագրութեան եւ ապա անոր գործադրութեան եւ Ամերիկայի` Հայաստանի հովանաւորութեան միջեւ: Որեւէ կասկած կա՞յ արդեօք, որ Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն ինքնագլուխ գործեց` ղրկելով մեծաթիւ «Քինկ Քրէյն» քաղաքական, եւ «Հարպորտ» զինուորական առաքելութիւնները Փոքր Ասիա եւ Հայաստան:

Շատ յստակ է, որ մինչեւ Սեւրի Դաշնագիրի ստորագրութիւն, ամերիկեան վարչական մեքենան` արտաքին գործոց նախարարութիւն, զինուորական եւ այլ վարչութիւններ աշխատանքի լծուեցան եւ անոնց պիւտճէն վաւերացուց Քոնկրեսը: Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի կողմէ որոշուած Հայաստան-Թուրքիա սահմանի քարտէսը պատրաստուած է տնօրէնութեամբ ամերիկեան բանակի հազարապետ Լորընս Մարթինի, գործադրութեամբ` Ամերիկայի տեղագրական բաժանմունքի երկրաբանական քննաչափութեան (Topographic Branch U. S. Geological Survey), գործակցութեամբ արտաքին գործոց նախարարութեան` «Հարպորտ» առաքելութեան տեղւոյն վրայ կատարած դիտարկումներուն հիման վրայ:

Սեւրի դաշնագիրով որոշուած  Հայաստանի սահմանը նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի ստորագրութիւնը եւ նախագահական կնիքը կը կրէ, ուստի ամերիկեան պետական օրէնքի վերածուած է` ըստ ամերիկեան սահմանադրութեան: Վիճաբանողները պէտք է երթան եւ Միացեալ Նահանգներուն սահմանադրութիւնը փոխեն: Մինչեւ այդ փոփոխութիւնը` Ուիլսընի իրաւարար վճիռը ի զօրու է իբրեւ ամերիկեան օրէնք: ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՈՉ ԹԷ ՉԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ, ԱՅԼ ՉԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ` ԳԱՂՈՒԹԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ (mandate): Տես` http://www.aztagdaily.com/archives/400768, http://www.aztagdaily.com/archives/359818, http://www.aztagdaily.com/archives/359654, http://www.aztagdaily.com/archives/315557:

10 օգոստոս 2018

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սեւրի Դաշնագիրին Հետքերով

0
0

Սեւրի դաշնագիրի 98-ամեակը պահ մը մտածել կու տայ, թէ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ ինչպիսի՛ լծակներու օգտագործումով Հայաստան կրնայ իր քաղաքական օրակարգը ներդաշնակ դարձնել գերպետութիւններու այն շահերուն, որոնց իրականացումով կարելի կը դառնայ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ ու հողային հարցերը վերստին արծարծել:

Վերջին տարիներու աշխարհաքաղաքական զարգացումները շարք մը ըմբռնումներ շրջեցին:

Վերլուծաբաններ բազմիցս խօսեցան Միջին Արեւելքի աշխարհագրական փոփոխութիւններու, քարտէսագրական նոր արշաւի մը մասին, օրինակ, ու այնքան վստահութեամբ խօսեցան, որ կը թուէր, թէ տարիներու հարց է պարզապէս Միջին Արեւելքի մասնատումը, քարտէսներու փոփոխութիւնը:

Աշխարհաքաղաքական շահերը, ժողովուրդներուն ու մանաւանդ անոնց պաշտպանութեան համակարգերուն հակադարձութիւնը, սակայն, ցոյց տուին, որ այնքան ալ պարզ չէ քաղաքական օրակարգ պարտադրել, քարտէսներ վերաձեւաւորել, եթէ տուեալ երկիրներու ժողովուրդներն ու յատկապէս պետութիւնները ուժեղ են ներքնապէս, ունին պայքարելու կամք, դիւանագիտական ճկունութիւն եւ արտաքին ու ներքին քաղաքականութիւն վարելու հմտութիւն:

Այս մտորումները հարցադրումներու դուռ կը բանան մեր միտքին մէջ® Հարաւային Կովկասի բարդ տարածաշրջանին մէջ իր գոյութիւնը շարունակող հայոց պետութիւնը, ուրեմն, ինչպիսի՞ տուեալներու կարիք ունի ազդեցիկ կշիռ ունենալու միջազգային հարթակներու վրայ, քաղաքական ոլորտներու մէջ,  գէթ` պատեհ առիթներուն ուժեղ ազդեցութիւն բանեցնելու ու Սեւրի դաշնագիրը, ներազգային շրջանակներուն կողքին, գերպետութիւններու լուսարձակին ալ տակ պահելու եւ քաղաքական փոփոխական իրավիճակներէն օգտուելով` փուլ առ փուլ ձեռքբերումներ արձանագրելու:

Պահանջատէրի մեր կեցուածքը ուժե՞ղ է այնքան, որ կարենանք Սեւրի օրակարգին մասին մտածել: Իրապաշտ ըլլանք պահ մը ու նախ եղածը ամրագրենք, զօրացնենք, պահպանենք, որպէսզի կարելի ըլլայ յառաջ ընթանալ ու նուաճումներ արձանագրել միջազգային բեմերու վրայ եւս:

Մի՞թէ փոքր պետութիւններ դատապարտուած կրնան մնալ իրենց պատմական իրաւունքներուն չտիրանալու, թէ ոչ բռնակալներուն պարտադրած քարտէսները Քրիստափորներու յանդգնութեամբ պատռելու նախնական քայլերն են անհրաժեշտ:

Իսկ ի՞նչ կրնան ըլլալ այդ քայլերը, եթէ ոչ` Հայաստանի ու Արցախի ուժեղացումը` նախ եւ առաջ: Պետական ամրակուռ համակարգն ու հայ քաղաքական միտքին համարձակ թռիչքը:

Անմիջական խանդավառութենէ անդին` անհրաժեշտ է զօրանալ ներքնապէս, ունենալ պետական, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ամուր համակարգ:

Սեւրի դաշնագիրով, այո՛, գերպետութիւնները ընդունեցին Հայաստան աշխարհի քաղաքական եւ իրաւական գոյութիւնն ու հայութեան հողային իրաւունքի անժամանցելիութիւնը: Դաշնագիրները, սակայն, ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնան ունենալ, եթէ անոնց ետին կանգնած չըլլան ներքնապէս հզօր պետութիւններ:

Այս առումով, մեր երկիրը յուսալի անկիւնադարձի մը սեմին է: Հայաստան այսօր աւելի ուժեղ երկիր դառնալու, փտածութեան, կաշառակերութեան, մենաշնորհեալներու քաղաքականութեան վերջ տալու եւ նոր ու արդար կառավարման համակարգը կեանքի կոչելու սեմին է:

Ուստի, այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է զերծ մնալ անվստահութեան մթնոլորտ ստեղծող ներքին տարակարծութիւններէ, զիրար չհանդուրժելու յոռի երեւոյթներէ, նպաստել ժողովրդային շարժման յաջողութեան եւ անյապաղ լծուիլ պետութեան հզօրացման աշխատանքին:

Այլապէս, ի՞նչ իմաստ պիտի ունենան համահայկական մեր իրաւունքներու ձեռքբերման ուղղուած աշխատանքները, եթէ ներքնապէս չկարենանք հզօրանալ ու մեր կարելիութիւնները ազգովին ի սպաս չդնենք մեր հաւաքական շահերուն, փոքր նուաճումներով մեծ նուաճումներու ուղղուելու` Սեւրի իրականացման ճամբուն վրայ ոստումներ արձանագրելու համար:

Այլապէս, տարտղնուած սփիւռք, գաղթի ու փտածութեան յոռի երեւոյթներ, անհանդուրժողութիւն եւ մասամբ նորին առաւել պիտի դժուարացնեն մեր գերագոյն նպատակներու իրականացման արդէն իսկ դժուար ուղին:

Բարեբեր Դեգերումներ

0
0

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Երկու տարի առաջ, երբ Լեւոն Շառոյեան լոյս կ’ընծայէր իր «Դեգերումներ»-ուն առաջին հատորը, հայ ընթերցողը, քիչ մը դժուար հաւատալով աչքերուն, աշխարհի չորս ծագերուն զայն ընկալեց իբրեւ ձիթենիի այն դալար ոստը, թէ ամէն բան կորսուած չէ մայր գաղութի ծիրէն ներս եւ իրեն կը տրուի այն պաշտօնական ու գրաւոր երաշխիքը, թէ սուրիահայութիւնը պիտի վերայառնէ իր մոխիրներէն, վերականգնի ու վերստանձնէ իր փրկարար դերակատարութիւնը, այն,  որ իրերու բնական բերումով վերապահուած էր իրեն  մեր պատմութեան  յետեղեռնեան փուլին. այդ երաշխիքը տուող քիչերէն  մէկն  ալ Լեւոն Շառոյեանն էր: Իսկ հիմա «Դեգերումներ Բ.» հատորին լոյս ընծայումը` իբրեւ հրատարակութիւն Բերիոյ թեմի, որ տեղի կ’ունենայ հրամանաւ Շահան արք. Սարգիսեանի, ի յիշատակ Ծաղիկ Ճիէրճեանի, իր մօտաւորապէս  325 պատկառելի էջերով հաստատումն է այդ ազնիւ խոստումին, որ կու գայ վերանորոգ հրճուանքով համակելու մեր հոգիները:

Եւ համոզելու մեզ, թէ մեր գրաւին մէջ, ուրեմն, սխալած չէինք:

***

Ինչպէս անունը ցոյց կու տայ, այս աշխատութիւնը իր կարգին դեգերումներու երկար շարք մըն է հայ մշակոյթի լուսաւոր պատմութեան քառուղիներուն վրայ, որ կը սկսի մօտաւորապէս 18-րդ դարու առաջին տարիներէն` Մխիթար Սեբաստացիի բարեմիտ սխրանքով  ու կը հասնի մինչեւ մեր օրերը: Այս աշխատութեան առաջին բաժինը, ծաւալով մօտաւորապէս մէկ երրորդը անոր,  յաջողապէս կը նշէ քաղաքակրթական այն  յանդուգն ոստումը, որ մեծ սեբաստացին Արեւմտեան Հայաստանի մութ գռիհներէն դուրս բերաւ ու հասցուց  մինչեւ Եւրոպայի  սիրտը` Ադրիականի պսպղուն ափերը, իմա` Սուրբ Ղազար, ուր անոր վառած ջահը  պիտի լուսաւորէր Հայաստան աշխարհը` վանելով անկէ   դարերէ ի վեր այնտեղ ծանրացած  ու զայն պատող թանձր խաւարը:  Հեղինակին այս ճիշդ  ընտրութիւնը ունի էապէս խորհրդանշական, վերականգնողական իմաստ մը` ընթերցողին իր ներշնչած լաւատեսութեամբ:

Եւ ահա  Մխիթարի այդ բարեբաստիկ  արկածախնդրութեան երեքհարիւրամեակն ալ սքանչելի առիթ մը կ’ըլլայ, որ Շառոյեանի անխոնջ միտքը  մանրակրկիտ սերտէ հսկայական գրականութիւն մը, անհամար աղբիւրներ, մանրամասնութիւններ, փաստաթուղթեր ու նկարներ եւ իրեն յատուկ պայծառ շարադրանքովը թոյլ տայ, որ մեր աչքերուն առջեւ կարգապահօրէն տողանցեն  Մխիթարեան ուխտի աւելի քան երկու տասնեակ  երախտաշատ ու առասպելական  գործիչները` իրենց նուիրական անունին կապուած իրագործումներով, սկսած «Հին հայկազեան» բառարանէն` անցնելու համար «Նոր հայկազեան» կոչեցեալ իմացական պայծառ   կոթողին, որոնք  գլխապտոյտ կը պատճառեն  արդի հայուն:  Այդ նոյն ուխտին արգասիքն են տակաւին Միքայէլ Չամչեանի եռահատոր «Հայոց պատմութիւն»-ն ու «Հայերէնի քերականութիւնը»,   Բագրատունիի «Հայկ դիւցազն»-ն ու «Ի պէտս զարգացելոց»-ը,  Ալիշանի «Նուագք»-ները, Ինճիճեանի ու Ագոնցի բազմահատոր աշխատութիւնները եւ հարիւրաւոր ուրիշներ, որոնք հակերով առաքուեցան աշխարհի այն բոլոր անկիւնները` Պոլիս, Արեւմտեան ու Արեւելեան Հայաստան, Վրաստան,  Հնդկաստան  եւ այլուր, ուր հայեր կ’ապրէին եւ ծարաւի էին հայեցի բառ ու բանի կենարար ու կազդուրիչ զօրութեան:

Այս լուսաւոր աւանդին վերահասու դառնալէ ետք չես կրնար զսպել հոգեկան ներքին կծկում մը, փղձկում մը` մտածելով այն հսկայական զրկանքներուն ու  զոհողութիւններուն, որ յանձն առած են մեր մշակոյթի  այս նորագոյն առաքեալները, որոնք գործած են իբրեւ հարազատ հետեւորդներն ու նմանակները Սահակի ու Մեսրոպի, եւ անոնց հասցուցած  մատենագիրներուն ու թարգմանիչներուն,  համակուած ըլլալով նոյն ոգիով ու նոյն տեսլականով, որ յատուկ էր Ոսկեդարու գործիչներուն:

Այս բոլորը, ճիշդ է,  առաջին անգամը չէ, որ կը հրամցուին հայ ընթերցողներուն եւ կամ  հաւանաբար այլապէս ալ կարելի ըլլար հաղորդուիլ անոնց, սակայն Շառոյեան կրցած է զանազան անկիւններ տարտղնուած, ցրուած, կորսուած աղբիւրները համբերութեամբ, բծախնդրութեամբ ու ձեռնհասօրէն հաւաքել, համադրել ու իր աշխատութեան առաջին 100- 125 էջերով դնել զանոնք արդի ընթերցողի տրամադրութեան տակ: Իւրաքանչիւր գլուխ ճոխացած է  համապատասխան նկարներով` դէմքերու  թէ  յիշատակելի աչքառու աշխատութեանց, ինչ որ աւելի գրաւիչ կը դարձնէ այս գործը եւ կը հրապուրէ ընթերցողը, որ երբեք պիտի չզղջայ զայն ձեռքերուն մէջ ունենալուն, ընդհակառակը, յափշտակութեամբ ու երախտագիտութեամբ պիտի կարդայ անոր  էջերը` աւելի կապուելով իր պատմութեան, իր մշակոյթին, իր ազգային երախտաւորներու յիշատակին, ընդհուպ` իր սեփական ինքնութեան:

***

Յաջորդ գլուխը` մօտաւորապէս 65 էջ, կը կրէ «Բառերու աշխարհին մէջ» խորագիրը եւ նուիրուած է զիրար թելադրող, իրարմով շփոթուող, բայց  իրարմէ տարբեր նշանակութիւն եւ առհասարակ տարբեր ուղղագրութիւն ալ ունեցող բառախումբերու, որոնք մեր դպրոցականներուն, բայց նաեւ չափահասներուն` գրողին, խմբագիրին, ուսուցիչին մնայուն մղձաւանջն են:  Երկարամեայ փորձառու ուսուցիչ ըլլալով`  հեղինակը խորապէս անդրադարձած է երեւոյթին եւ ըստ այնմ ալ խնամքով հաւաքած է այնպիսիները, որոնք աւելի խնդրայարոյց են ու այժմէական:

Ուրեմն հարցը չի վերաբերիր «նմանաձայն» կոչուած զոյգերուն կամ եռեակներուն, ինչպէս` հարթ-յարդ կամ թուր-դուր-դուռ, այլ` աւելի բարդ պարագաներու, ինչպէս օրինակ` խոզ-խոզակ-խոզանակ  կամ ծուծ-ծիծ-ծիծաղ եւ այլն: Շառոյեան յաջողած է այսպիսիներու քննութեան տալ մանկավարժական-ուսուցողական լիցք ու բովանդակութիւն` իւրաքանչիւր հատուածը վերածելով հայերէնագիտական շինիչ դասընթացքի մը, որ շատ օգտակար է թէ՛ դպրոցականներուն, թէ՛ անոնց ուսուցիչներուն եւ թէ՛ ոեւէ ընթերցողի. այսպէս` խոզին առթիւ աշակերտը կամ առհասարակ ընթերցողը կ’իմանայ, որ շատ համով ու գնահատուած  է անոր միսը, սակայն ասի արգելք մը չէ, որ այդ անասունը արհամարհուի, անունն ալ վիրաւորանքի վերածուի, թէ առ այս` ան արգիլուած է հրեաներուն եւ մահմետականներուն, անոր կը կապուի աստուածաշնչական ասոյթի մըն ալ, որ կ’ըսէ` «Ձեր մարգարիտները խոզերու առջեւ մի՛ նետէք», քանի անոր արժէքը չի գիտեր խոզը ու կը կոխկռտէ այդ մարգրիտը, կարծես ուրիշ անասուն մը պիտի գիտնար այդ արժէքը… Ապա կը սորվինք, որ խոզը արածողը կը կոչուի խոզարած, զայն բուծանողը` խոզաբոյծ: Կայ անոր վայրի տեսակը, որ կը կոչուի վարազ: Ան կճղակաւոր (զոյգ եղունգով օժտուած) անասուն մըն է ի տարբերութիւն սմբակաւորներուն (միակի եղունգով օժտուած): Եւ ապա խոզէն կը յառաջանայ խոզանակը, որուն մէկ տեսակը սկզբնապէս պատրաստուած է խոզի ստեւներէն:  Եւ վերջապէս բոլորովին տարբեր է խոզակը, որ ոչ մէկ առնչութիւն ունի խոզին հետ. ան կը պատրաստուի շերամ թրթուրին կողմէ, որ կը մտնէ անոր մէջ ու կը  հիւսէ իր առագաստը`  այն մետաքսաթելը, որ երբեմն կը հասնի մինչեւ  1500 մեթրի, գիտէի՞ք այս բոլորը եւ… շարունակե՞նք. նկատեցի՞ք, թէ որքան բան սորվեցանք մեկնելով խոզէն ու հասնելով խոզակին: Պիտանի գիտելեաց ամբողջ շտեմարան մը, որ այսպէս առատաձեռն բաշխուած է «Դեգերումներ»-ու յիշեալ բաժինին մէջ:

***

Շառոյեան, սակայն, էապէս  կը մնայ այն  սրտցաւ գրականագէտը, որ կը սիրէ լոյսին բերել ու նոր սերունդներուն գուրգուրանքին յանձնել հայ դպրութեան  մասնաւորաբար այն երախտաւորները, որոնք մոռացութեան զոհ դառնալու ընթացքին մէջ են, եթէ ոչ արդէն իսկ մոռցուած են: Այս պատճառով ալ  ան իր սերտողութեան սկսելէ առաջ ունի հարցում մը, որ կսկծագին կը կրկնէ իբրեւ մուտք` «Այսօր ո՞վ կը ճանչնայ… կամ կը կարդայ…», եւ այս ցաւագին հարցումէն ետք, որ հասնող սերունդներուն հասցէին ուղղուած նախատինքէ մը աւելի անձնական դառնութեան ու տագնապի ազնիւ ու վարակիչ դրսեւորում մըն  է, ան կը բանայ իր  տեղեկութիւններուն զարմանալիօրէն ճոխ մախաղին բերանը, ուրկէ կը հոսին  ու լոյսին կու գան  մեր ժամանակներուն ու մեր ժամանակակիցներուն գրեթէ ոչինչ թելադրող «վաստակեալք եւ ծանրաբեռնեալք»  անուններն ու գործերը, ինչպէս` Վարդ Շիկահերը, որ եղած է բեղմնաւոր բժիշկ, ուսուցիչ եւ ասոնց կողքին նաեւ` տաղանդաւոր բանաստեղծ, եւ ապա`  բանաստեղծ Զարեհ Պլպուլը եւ անոր վաստակաշատ որդին Զարեհ վ. Պարոնեանը, Յարութիւններ Մրմրեանն ու Կոստանդեանը ու տակաւին քանի-քանի այսպիսիներ, առանց մոռնալու հայ մամուլի երախտաւորներէն  վաստակաշատ Ռոպեր Հատտէճեանն  ու Գերսամ Ահարոնեանը` յիշելու համար անոնցմէ մէկ քանին միայն:

Շառոյեանի յամառ թափառումները զինք կը հասցնեն մինչեւ 1960-ական թուականներուն  Լեռնալիբանանի մէջ ծնած ու մեծցած, դաւանանքով քրիստոնեայ,  հայասէր պայծառ անունի մը` Մուսա Փրենսին, որ իր ուժերուն ու եռանդին  ամբողջ տարողութեամբ ծառայեց Հայոց ցեղասպանութեան ծանօթացումին` օտար շրջանակներուն. առ այս` ան գրեց  եռահատոր աշխատութիւն մըն ալ` «Արմենոսիտ»-ը, որ թարգմանի  «հայասպանութիւն». ի՛նք հնարած է այս եզրը: Այս ազնուական անձնաւորութիւնը, որ փայլուն իրաւաբան ալ էր, չգոհացաւ միայն գիրքերով, ան կազմակերպեց նաեւ ֆրանսերէն լեզուով տրուած դասախօսութիւններ, որոնք տեղի կ’ունենային Յիսուսեաններու Իրաւաբանական  համալսարանի ամփիթատրոնին մէջ, ներկայութեամբ ունկնդիրներու խուռն բազմութեան, որոնց շարքին էին լիբանանցի արաբ մեծաթիւ հայրենակիցներ, ինչպէս նաեւ` Լիբանան հաւատարմագրուած օտար դիւանագէտներ, կցորդներ ու դէտեր: Չհաշուած տակաւին անոր լուսաբանական կրակոտ յօդուածները տեղական թէ եւրոպական մամուլին մէջ: Ան մեր Դատին ծանր հրետանին էր, մերօրեայ իսկական Ռաֆայէլ Լեմքին մը, որ սակայն այսօր այլեւս… մոռցուած է:

Եւ այս հերթական մոռացումներու  խոր ափսոսանքը ներկայ է ամէն անունի հետ:

Այս բոլորէն վեր Շառոյեան սքանչելի պատմող մըն է: Ամենասովորական անցքերը, երեւոյթները, իրերն ու առարկաները, անցնելով իր գրիչին պրիսմակէն,  տարբեր ջերմութեամբ, թելադրութեամբ, ներգործութեամբ եւ իմացական  շահեկանութեամբ կը համակեն  ընթերցողը:  Եւ այս բնատուր շնորհքը կը թեւածէ, ինչպէս իր բոլոր գիրքերուն ու գրութիւններուն, այնպէս ալ ներկայ «Դեգերումներ»-ու երկրորդ հատորի էջերուն, որ կը մնայ էապէս յանձնարարելի ընթերցում մը, որուն տրուողը պիտի մեծապէս վարձատրուի հոգեկան ու մտաւորական անխառն վայելքով:

armenag@gmail.com

 

 

Լոյս Է Տեսել «Վէմ» Հանդէսի 2018 Թուականի 2-րդ Համարը

0
0

Լոյս է տեսել «Վէմ» հանդէսի 2018 թուականի 2-րդ համարը` 296 էջ ծաւալով, որի ընդարձակ խմբագրականում փորձ է արուել քննական հայեացք նետել Հայաստանում տեղի ունեցած վերջին յեղափոխական իրադարձութիւնների խորքային, ոչ միշտ տեսանելի մասին` հիմնուելով դեռեւս շարունակուող քաղաքական գործընթացի եռաչափութեան փաստի վրայ:

Հանդէսի նոր համարը հարուստ է ՀՅԴ պատմութեանն ու Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած նիւթերով: Թէեւ այդ կապակցութեամբ «Վէմ»-ի խմբագրութեան կողմից 2018 թ. մայիսի 31-յունիսի 1 Հայաստանի ամերիկեան համալսարանում կազմակերպուած «Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան դասերը» գիտաժողով-քննարկման նիւթերը հրապարակուելու են առանձին ժողովածուով, բայց ներկայ թիւ 2-ում այդ միջոցառման վերաբերեալ տպագրուել է ընդարձակ լրատուութիւն: Հրապարակուել է նաեւ գիտաժողովից յետոյ ներկայացուած` քաղաքագէտ Մարիամ Մ. Մարգարեանի ուշագրաւ յօդուածը, որում փաստարկուած կերպով մերժւում է այսպէս կոչուած` «երեք հանրապետութիւններ»-ի հայեցակարգը:

ՀՅԴ պատմութեանը նուիրուած հրապարակումներից ուշագրաւ է քրտագէտ Արամ Ս. Սայիյեանի կողմից յայտնաբերուած` Ռուբէնի (Մ. Տէր Մինասեան) «Քրտական գործը Պարսկաստանում» գաղտնի զեկուցագիրը` Արարատի 1926-1930թթ. ապստամբութեանն աջակցելու համար Իրանում իր ծաւալած գործունէութեան մասին, որի մանր տառերով գրուած 34 ձեռագիր էջերը բազմաթիւ նոր տեղեկութիւններ են պարունակում արդիական հնչեղութիւն ունեցող այդ  կարեւոր պատմական իրադարձութեան մասին:

Հայկական լեռնաշխարհում սեպագիր գրահամակարգերի ծագման եւ ուրարտական սեպագրական դպրոցի առանձնայատկութիւնների բացայայտման առումով արժէքաւոր է Երուանդ Հ. Գրեկեանի ծաւալուն ու համապարփակ ուսումնասիրութիւնը, որում ներկայացւում են ինչպէս ուրարտական արքայական տարեգրութիւններն ու հանդիսաւոր արձանագրութիւնները, այնպէս էլ ներքին ու արտաքին գրագրութեան այլ տարատեսակները եւ գիտութեան կողմից վատ ուսումնասիրուած բազմաթիւ այլ հիմնահարցեր:

«Վէմ»-ի ներկայ համարում լեզուաբան Դաւիթ Ս. Գիւրջինեանն իր ընդարձակ հրապարակման միջոցով առաջին անգամ համակողմանի քննութեան է ենթարկել շուրջ մէկուկէս հազարամեակի ընթացքում մեզանում ստեղծուած հայ հաւաքականութիւն նշանակող հայերէն բառային միաւորները` վերականգնելով մեր ինքնաբնորոշումների ամբողջական պատկերը:

Ներկայացնում ենք բազմաթիւ այլ հետաքրքիր հրապարակումներ պարունակող «Վէմ» հանդէսի   2018 թուականի 2-րդ համարի բովանդակութիւնն ու խմբագրականը:

Խմբագրական «Վէմ»-ի

Եռաչափ Գործընթացի
Վտանգաւոր Յետագիծը*

21-րդ դարին բնորոշ բարդ ու հակասական գործընթացները մէկ հարթութեան վրայ քննելու պարագայում անհնար է հասկանալ ու մեկնաբանել Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նախօրէին մեր երկրում տեղի ունեցած յեղափոխական իրադարձութիւնների իրական պատճառներն ու հնարաւոր հետեւանքները:

Միայն տարբեր հարթութիւններում ծաւալուած եւ ի վերջոյ իշխանափոխութեան յանգեցրած 2018 թ. ապրիլ-մայիսեան քաղաքական զարգացումները որպէս ներքնապէստարամիտուած ամբողջութիւն դիտարկելու միջոցով է հնարաւոր բացայայտել դրանց յետնախորքը: Որովհետեւ Հայաստանում արձանագրուած վերջին շրջադարձի վերաբերեալ տարբերակուած կամ վարիանտային մեկնաբանութիւնների զուգահեռ գոյակցութեան փաստը բացայայտում է ոչ միայն տուեալ գործընթացի անաւարտութիւնը, այլեւ նրանում տարբեր քաղաքական դերակատարների ներգրաւուածութեան իրական նպատակները:

Մեր կարծիքով, 2018-ի ապրիլ-մայիսին մենք գործ ունէինք զուգահեռ հարթութիւնների վրայ ծաւալուած, բայց խորքում միմեանց հետ սերտօրէն շաղկապուած ներքին ու արտաքին զարգացումների բաւականին բարդ խճանկարի հետ: Ներկայումս հիմնականում երեք հարթութիւնների վրայ բիւրեղացած նրանց մասնակիցների տարամիտուած շահերի գունապնակը ցոյց է տալիս, որ պատմաքաղաքական տրամայի անաւարտութեան պայմաններում անհրաժեշտ է առաջնորդուել շարունակուող գործընթացի եռաչափութեան փաստը լուսարձակելու եւ նրա զարգացման հեռանկարները բացայայտելու զոյգ մեկնակէտերով: Որովհետեւ մեզ հետ տեղի ունեցածը մինչ օրս մեկնաբանւում է իբրեւ`

ա) 2008-ից յետոյ երկրում ձեւաւորուած փողապետական վարչակարգի(1) փտածութեան արդիւնք` ներքաղաքական սուր պայքարի յեղափոխական հանգուցալուծում, որի համար յատկանշական էր համաժողովրդական եւ անգամ համազգային ընդվզման հզօր ալիքը,

բ) «Գունաւոր յեղափոխութիւնների» արեւմտեան ճարտարապետների կողմից հրաշալի կերպով բեմականացուած մի թաւշեայ ներկայացում, որը վարպետօրէն օգտագործեց հայ ժողովրդի դժգոհութիւնը` առկայ իշխանութիւնը տապալելու եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական նախապատուութիւնները փոխելու համար,

գ) Ղարաբաղի հարցի «եւրասիական լուծման» համաթեքսթում ազատագրուած 5 շրջանների վերադարձն ապահովելու` Մոսկուայի յամառ փորձերը ժամանակաւորապէս կասեցրած ստուերային գործարք Հայաստանի իշխանութեան ու ընդդիմութեան մի հատուածի միջեւ, որը «օրինականացուեց» երկրի նախկին ու ներկայ առաջին դէմքերի կազմակերպած 2018 թ. ապրիլ-մայիսեան «համատեղ ներկայացման» միջոցով:

Քանի որ ճշմարտութիւնը խիստ բարդ է ու յիրաւի` բազմաշերտ, նման տարամիտուած մեկնաբանութիւնները «խաղաղ գոյակցութեան» իրաւունք ունեն որպէս գիտելիք մեր մասին, բայց ոչ` գիտելիք մեզ համար: Որովհետեւ իրենց մէջ պարառելով տեղի ունեցածի պատճառների կամ հնարաւոր հետեւանքների առանձին բաղադրատարրերը` դրանք ցոյց են տալիս, որ որքան էլ փորձենք առաջնորդուել սեփական ժողովրդի ինքնիշխան կամքի առաջնութեան կանխադրոյթով, առանց շարունակուող գործընթացի եռաչափութեան ընկալման` այդ կամքի իրացումը չի կարող վերածուել անշրջելի պատմականութեան: Իսկ մինչ այդ պարտաւոր ենք յստակեցնել, թէ 1991-ից յետոյ որտեղ եւ ինչպէս ենք տեղապտոյտ արձանագրել հանրապետութեան գաղափարի հաստատութենականացման ճանապարհին:

Հանրապետութեան գաղափարի արժեզրկումը մեզանում սկսուել է դեռ Հայաստանի առաջին նախագահ «Լեւոն թագաւորի» օրօք, սակայն սկզբնական շրջանում դրսեւորուել է ժողովրդավարութեան սահմանափակումների տեսքով: Նրա վարկաբեկման գործընթացը համակարգուած բնոյթ է ստացել 1990-ականների վերջերից նախկին ԽՍՀՄ-ի տարածքում ծաւալուած հզօր հակաանկախական շարժման համաթեքսթում, որն իր խորքում փայփայում էր կայսրութեան վերականգնման նպատակը: «Ազգային» դիմակի տակ թաքնուած յետխորհրդային ընտրախաւերի այդ վրէժխնդրական շարժումն ընթացել է իր դասական` ռուսական եւ բազմաթիւ տեղային բնորդների բարդ փոխակերպումներին բնորոշ երկու հիմնական հանգրուաններով: Առաջինում Ռուսաստանի նախագահ Պ. Ելցինի եւ 1990-ականների միւս ժողովրդավարների դէմ պայքարելու համար «հայրենասիրական» կարգախօսներով քաղաքական ասպարէզ իջած նախկին համակարգի սպաները իրենց երկրներում հաստատեցին քաղաքացիական հասարակութեանը հակադրուող այսպէս կոչուած` տղամարդու իշխանութիւնը: Մինչդեռ ժամանակին դեռեւս Ճոն Ատամսն էր նկատում, որ «Հանրապետութիւնը հաստատում են իրաւական պետութիւն եւ ոչ թէ տղամարդկանց պետութիւն լինելու համար»(2):

Տղամարդու իշխանութիւնը մարմնաւորող յայտնի կերպարների կողմից ազգային աւանդոյթը շահարկելու անյաջող փորձերից յետոյ, որոնք Ռուսաստանում ընդունեցին սպիտակգվարդիականութեան վերյուշի ու «նահատակ ցարի» պաշտամունքի, իսկ Կենտրոնական Ասիայի թիւրքալեզու երկրներում` Լենկ Թեմուրին ու նրա նման ելուզակներին փառաբանելու տեսք, շուտով սկիզբ առաւ երկրորդ հանգրուանը, երբ խորհրդային ժառանգութեան «պահեստապետներն» անցան նրա անզուսպ թալանին ու ինքնահարստացմանը:

Հայաստանում եւս կրկնուած նոյն գործընթացի հիմնական առանձնայատկութիւնը Ղարաբաղի հարցի քաղաքական շահարկումն էր, սկզբում` կեղծյաղթողականութեան, իսկ հետագայում` քողարկուած պարտուողականութեան դիրքերից: Դա է պատճառը, որ մեր սեփական տեղապտոյտի 20-ամեակը մարմնաւորուեց սկզբում տղամարդու կամ «միակ տղամարդու» իշխանութեան, իսկ հետագայում յետխորհրդային տարածքի հարստութիւնը մէկ «գանձարկղի» մէջ ներգրաւելու համար անհրաժեշտ նոր կերպարի տեսքով, որը փողից ու անձնական շահից բացի` այլ հաւատամք չունէր: Ուստի բնական է, որ վերջինս իր իշխանութիւնը սկսեց 2008-2009 թթ. հայ-թուրքական երկխօսութեան, իսկ իրականում` անձնատուութեան փորձով եւ աւարտեց հայ-ազրպէյճանական ճակատում 2016-ի ապրիլեան արիւնոտ նահանջով:

Սակայն յետխորհրդային իրողութիւններին բնորոշ համատարած թալանի արդիւնքում տոլարային համարժէքով կուտակուած «մեծ փողերի» արտահոսքը դէպի Արեւմուտք չար կատակ խաղաց հայաստանեան փողապետութեան համար` նրան դնելով փողի եւ իշխանութեան միջեւ ընտրութիւն կատարելու պարտադրանքի առջեւ: Գոյութիւն ունէր նաեւ յստակօրէն ձեւակերպուած միւս, աւելի վտանգաւոր երկընտրանքը` 2018 թուականի ապրիլից յետոյ Հայաստանի ոչ օրինական իշխանութեան երկարաձգման «մոսկովեան պարտամուրհակը» ազատագրուած 5 շրջանները Ազրպէյճանին յանձնելու պահանջը: Ուստի մինչ այդ Հայաստանի սահմանադրութիւնն իրենց հագով կարած եւ Հայաստանի ժողովրդին խաբած մեր իշխանաւորները այս անգամ էլ պէտք էր խաբէին արտաքին գործընկերներից ոեւէ մէկին: Իրենց փողերի վրայ նստած Արեւմուտքին չէին կարող խաբել, ուրեմն  մնում էր Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը: Այդ պատճառով դիւրին կամ  թաւշեայ յեղափոխութեան գարնանային յաղթարշաւին բնորոշ ժողովրդի դժգոհութեան բուռն պոռթկմանն իրականում խորապատկերային դեր էր վերապահուած արեւմտեան օրհնութեամբ իրականացուած «հներին` փող, նորերին իշխանութիւն» բանաձեւի կիրարկման գործում, որի հապշտապ իրականացումը թոյլ տուեց յետաձգել Ղարաբաղի հարցի հանգուցալուծումը:

Արդիւնքում` 2018 թ. մայիսեան իշխանափոխութիւնից յետոյ Հայաստանը յայտնուեց է՛լ աւելի բարդ աշխարհաքաղաքական իրավիճակում, որի էութիւնը, դժբախտաբար, քչերն են միայն գիտակցում: Ազատագրուած 5 շրջանները Հայաստանի իշխանաւորների ձեռքով Պաքուին յանձնելու եւ նրան Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ ներառելու մոսկովեան յայտնի ծրագիրը նորից տապալուել է, եւ դրա դիմաց Ազրպէյճանին տիրանալու փոխարէն` Ռուսաստանը յայտնուել է Հայաստանը կորցնելու վտանգի առջեւ: Ակնյայտ է, որ տեղի ունեցածի իրական բեմագիրը` 2018 թ. ապրիլ-մայիսին սեփական «ինքնասպանութիւնը» բեմականացրած Մեծ փողապետը, խաբել է ե՛ւ իր մոսկովեան տիրոջը, որն առայժմ չգիտի, թէ ումից պահանջել նրա խոստումների կատարումը, ե՛ւ իշխանութեան խաղաղ փոխանցման գծով իր փաստացի գործընկերոջը, որին ազրպէյճանական նոր յարձակման սանձազերծման միջոցով կարելի է վերածել քաւութեան նոխազի: Բայց Ազրպէյճանի նոր յարձակման միանգամից քարտ-պլանշ տալու պարագայում Ռուսաստանը կարող է գործ ունենալ Արեւմուտքի հետ, որը ներկայ հանգրուանում սկսել է դիւանագիտօրէն շոյել ռուսների գլուխը: Ուրեմն թէեւ վերջին իշխանափոխութեան արդիւնքում Հայաստանի իրաւատիրութիւնն ամրապնդուել է` մեր առջեւ բացելով արտաքին աշխարհի հետ յարաբերուելու նոր հնարաւորութիւններ, բայց դրա հետ միասին` մեծացել է մեր երկրի աշխարհաքաղաքական խոցելիութիւնը: Որովհետեւ Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգների նախագահների վերջին հանդիպումից յետոյ էլ երկու գերտէրութիւնների յարաբերութիւնների բարելաւման գործընթացը շարունակելու է ընթանալ «մուկն ու կատու» յայտնի խաղի տրամաբանութեամբ: Իսկ դա նշանակում է, որ առաջիկայում, երբ Մոսկուան ուշքի կը գայ արեւմտեան գրկախառնութիւնից, Հայաստանի նոր իշխանութիւնները կարող են բախուել Ազրպէյճանի 2016 թուականի ապրիլեան յարձակման նոր, աւելի հզօր դրսեւորմանը: Ուրեմն փտածութեան դէմ պայքարի անուան տակ ներկայումս երկրում թափ հաւաքող նախընտրական արշաւը պէտք չէ շեղի մեր ուշադրութիւնը հիմնական վտանգից` ղարաբաղեան պատերազմի նոր բռնկման հեռանկարից, ինչը կարող է վերածուել նաեւ նախկինների քաղաքական վրէժի գործիքի:

Մինչդեռ, 2018 թ. ապրիլ-մայիսին մեզանում ծաւալուած եռաչափ գործընթացի վտանգաւոր յետագիծը բացայայտելու փոխարէն` յետյեղափոխական շրջանում եւս մեր հասարակութիւնն առաջնորդւում է ոչ թէ քաղաքացու հիմնաւոր մտածողութեամբ, այլ վերջին իշխանափոխութեան արդիւնքում իր տեսադաշտը գրաւած աւանդական հերոսի` Նիկոլի կերպարի դիւցազներգական ընկալումներով: Նման մօտեցման պահպանման պարագայում, նոր հերոսը շատ շուտով կուռքի է վերածուելու, որը միշտ էլ երկու երես է ունենում, իսկ կուռքից մինչեւ հակահերոսն ընդամէնը մէկ քայլ է: Ուրեմն, քանի դեռ ազգովի չենք գիտակցում հանրապետութեան տէրը լինելու սեփական իրաւունքը, փոթորկող ծովի ափին նստած այն չարաճճի երեխաների վիճակում ենք, ովքեր աւազից կուռքեր են ծեփում եւ ապա տապալում:

Մեզանում առկայ քաղաքական կռապաշտութեան զարմանալի կենսունակութիւնը վկայում է այն մասին, որ դեռեւս խորութեամբ չենք գիտակցել քրիստոնեայ մարդուն տրուած աստուածային շնորհը` ընտրութեան ազատութիւնը: Հանրապետութեան գաղափարն իրականում հէնց ընտրութեան ազատութեան քաղաքական կերպաւորումն է` այդ խնդրի լուծման ոչ թէ ձեւական-ընտրական, այլ բովանդակային-արժէքային տիրոյթում:

Ուրեմն Հայաստանի արժէքային ու աշխարհաքաղաքական ընտրութեան միջեւ առկայ խոր հակասութիւնը յաղթահարելու կարճաժամկէտ դեղատոմսեր գոյութիւն չունեն: Այդ պատճառով որպէս հանրապետութիւն կազմակերպուելու նոր աշխատակարգերի կարիք ենք զգում, որոնք գտնւում են երկրի քաղաքակրթական ընտրութեան տիրոյթում:

Առայժմ սոսկ տեքորներ քանդողի դերը ստանձնած նոր իշխանութիւնը նոյնպէս որեւէ դրական գործառոյթ չունի, քանի որ 2018 թ. գարնանը տեղի ունեցածի խորքային իմաստը «հներին` փող, նորերին` իշխանութիւն» բանաձեւի վրայ հիմնուող «համապարտ երաշխաւորութեան» սկզբունքն է: Նորերի մօտ բացակայում է նաեւ տարրական արհեստավարժութիւնը, ուստի վերջիններս հասարակութեան գիտակից մասի յոռետեսական տրամադրութիւնները մարելու համար ժամանակ առ ժամանակ ճոխացնելու են սոսկ «ծիսակարգային զոհաբերութեան» ենթակայ հների «տեսականին»` երիցս մեղապարտ ՀՀԿ-ն վերածելով մի իւրայատուկ ներքաղաքական Զանգիբասարի: Նման հեռանկարի առկայութեան պայմաններում, այսպէս ասած, ռուսամէտ ուժերի քաղաքական ճամբարը, յայտնուելով իր սակաւապետական յենարանի փլուզման վտանգի առջեւ, փողատէրերի վրայ յենուելու փոխարէն` ինքնակազմակերպման նոր աշխատակարգեր է որոնում:

Բայց արեւմտամէտ ամբոխավարների եւ ապաօլիկարխացող ռուսամէտների անհեռանկարային մրցակցութիւնն ապահովում է սոսկ փողապետութեան բուրգի մասնակի փլուզումը եւ քաղաքական խաղի տարրական կանոնների վերականգնումը, այսինքն` Հայաստանի քաղաքական դաշտը բերւում է զրոյական վիճակի: Նոյնը տեղի է ունենում նաեւ հանրապետութեան տնտեսական յարաբերութիւնների ոլորտում: Իսկ թէ ի՛նչ պէտք է անել դրանից յետոյ, ոչ ոքի յայտնի չէ, քանի որ վերջին իշխանափոխութեան արդիւնքում Հայաստանն իր կամքից անկախ վերածուել է Միացեալ Նահանգներ-Ռուսաստան յարաբերութիւնների բարելաւման գործընթացի փորձադաշտի:

Նման պայմաններում նոր իշխանութիւնն ու նրա առաջին դէմքը, յայտնուելով հանրային ուշադրութեան կիզակէտում, յեղափոխական կարգախօսներից ու դրանցից բխող ցուցադրական գործողութիւններից այն կողմ չեն անցնում, ուստի այդպէս էլ անյայտ է մնում, թէ ի՛նչ են անելու նրանք յեղափոխական մեթոտներով իշխանութեանը տիրանալուց եւ ընտրութիւններում այդ փաստն ամրագրելուց յետոյ: Որովհետեւ ներկայ անորոշութիւնների պահպանման պայմաններում խորհրդարանական ընտրութիւնների արագացումը ոչ թէ յստակեցնելու է քաղաքական դաշտի պատկերը, այլ վերածուելու է ապագայ Ազգային ժողովին տիրանալու ամբոխավարական հնարքի, ինչը յետին գիծ է մղելու հանրապետութեան ապագայի հանրային ընկալումը բիւրեղացնելու խնդիրը:

Տեղի ունեցած իշխանափոխութեան` իբրեւ պատմական հնարաւորութեան դիտանկիւնից ակնյայտ է միայն, որ այսուհետեւ Հայաստանում քաղաքական իրավիճակի վերահսկողութեան բրգաձեւ համակարգի փոխարէն` ազգային շահի բիւրեղացումը տեղի է ունենալու քաղաքական պայքարի ներխորհրդարանական հանրագումարի յստակեցման միջոցով: Նման պայմաններում մեր անվտանգութեան ապահովման մէջ դերակատար արտաքին բեւեռների` հայոց պետականութեան նաւը ճօճելու հնարաւորութիւնները սահմանափակելու համար խորհրդարանական կառավարման համակարգում պարտադիր կերպով պէտք է ձեւաւորուի զուտ հայկական շահերով առաջնորդուող ուժերի ու անհատների խորքային համախմբում: Որովհետեւ իր սեփական արժէքային ընտրութիւնը չկատարելու դէպքում Հայաստանին սպասում է վերջին 20-ամեակին բնորոշ նոր գաղութատիրութեան ռուսական-կայսերական բնորդի փոխարինումը արեւմտեան «կապոյտ երջանկութեան» տեսլականով, որի «թիթեռնիկներն» արդէն հասցրել են ազդեցիկ դիրքեր գրաւել հանրապետութեան նոր ղեկավարութեան տարբեր ոլորտներում:

Ուրեմն այսօր հարկաւոր է մտածել ոչ այնքան արտաքին-աշխարհաքաղաքական ազդակները համադրելու մասին (դա նոյնիսկ ներկայ իշխանաւորները կարող են անել), որքան` մեր ապագայի դռները բացող հայկականութեան արժէքային ուղենիշերի ընկալմանն ու կեանքի կոչելուն ունակ ներքաղաքական խճանկարը յստակեցնելու շուրջ: Հայաստանը ներկայումս չի կարող միանշանակ ընտրութիւն կատարել ուժի արտաքին բեւեռների եւ երկրի ներսում նրանց շահերը պատճէնող արեւմտամէտ ամբոխավարների  եւ ապաօլիկարխացող ռուսամէտների միջեւ` չվտանգելով մեր ազգային արժէքներն ու Ղարաբաղի ժողովրդի ֆիզիքական գոյութիւնը: Իսկ սա նշանակում է, որ սեփական` ազգային ուղեգծի անորոշութեան պայմաններում խորհրդարանական ընտրութիւնների գնացող Հայաստանը բովանդակային առումով ընտրութիւն չունի:

Հայաստանի ու հայութեան քաղաքակրթական ընտրութեան բարդ ու բազմաշերտ առաջադրանքի ձեւակերպումն ու իրականացումը հայկականութեան արժեհամակարգի վրայ հիմնուող ազգային-աւանդական ուժերի ոչ միայն իրաւունքն է, այլեւ` պարտականութիւնը: Այդ խնդրի շուրջ քաղաքական համակարծութեան ձեւաւորման եւ ազգային-քաղաքական ուղեգիծը յստակեցնելու համար հարկ է նախապէս սահմանել, որ`

Ա) Հայկական ինքնութեանը օտար են ոչ միայն քրէաօլիկարխիային բնորոշ «արժէքներն» ու կենսակերպը, այլեւ այսօր մեր ապշահար հանրութեանը մատուցուող` «կապոյտ երջանկութեան» տեսլականը, որովհետեւ հայկականութիւնը հիմնւում է այնպիսի յաւիտենական արժէքների վրայ, ինչպիսիք են` հայոց դարաւոր մշակոյթն ու պատմութիւնը, հայոց լեզուն, Հայաստանեայց եկեղեցու սուրբ հաւատը, հայկական ընտանիքը եւ Հայաստանի ու հայութեան անխախտ միասնութեան սկզբունքը:

Բ) Ազատութեան ու արդարութեան գաղափարների վրայ հիմնուած հայկական ինքնութիւնը հայրենի հողի վրայ կարող է առարկայանալ միայն հայաստանեան համակեցական նոր միջավայրի ձեւաւորման միջոցով, որի ընկերային հիմքը հարազատ հողի վրայ սեփական աշխատանքով նիւթական ու հոգեւոր արժէքներ ստեղծող եւ յաջորդական սերունդների հերթափոխն ապահովող` աշխատաւորական Հայաստանի տեսլականն է:

Գ) Հայաստանը հաւասարապէս բաց է Արեւմուտքի ու Արեւելքի բարձր մշակոյթների ազատ թափանցման համար, բայց նա կտրականապէս մերժում է մշակութային թափօնների արտահանման միջոցով մեզ պարտադրուող պարզունակ ընդօրինակումներն ու գռեհիկ նմանակումները, որոնք շեղում են հազարամեակների պատմութիւն ունեցող մեր մշակոյթին բնորոշ աւանդական` համադրական գործառոյթների իրականացումից:

Դ) Որովհետեւ որպէս քաղաքակրթական նախահիմք` Հայաստանն իրականում ե՛ւ Արեւմուտք է, ե՛ւ Արեւելք, ուստի արտաքին քաղաքականութեան մէջ, տնտեսական համագործակցութեան, մշակութային ու հոգեւոր-կրօնական երկխօսութեան բնագաւառներում առաջնորդւում է ոչ թէ հաւասար հեռաւորութեան պահպանման, այլ սեփական հիմքի վրայ դրանք մերձեցնելու ու ներդաշնակեցնելու սկզբունքներով:

Ե) Իսկ այդ հիմքը կազմող հիմնական արժէքները բիւրեղացնելու եւ խորհրդարանական կառավարման բնորդի վրայ հիմնուող ժողովրդավարական հանրապետութիւն դառնալու համար Հայաստանի քաղաքական համակարգը պէտք է ձեւաւորուի ոչ թէ ֆէյսպուքեան «լայքերով» զբաղուելը քաղաքացիական հասարակութեան չափանիշ համարող պարապ երիտասարդների, այլ սեփական քուէն իրենց համոզմունքի հիման վրայ տնօրինող գիտակից եւ հայրենատէր քաղաքացիների կողմից:

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նախորդած յեղափոխական իրադարձութիւնների արդիւնքում մեր հանրային բանավէճի հարթակ վերադարձած հանրապետութեան գաղափարը կարող է բզկտուել միմեանց խաչաձեւուող քաղաքական ու արժէքային թափանցումների մսաղացի մէջ, եթէ խորհրդային աւանդոյթի վրայ հիմնուած նրա քառորդդարեայ պրոֆանացիային փոխարինեն անհայրենիք աշխարհաքաղաքացիութեան հովերը, որոնք կրակից դուրս բերելով` մեզ կարող են իջեցնել ջրի յատակը: Ուրեմն խորհրդարանական ընտրութիւնների համաթեքսթում երկրի արդիականացման ազգային քաղաքական ուղեգիծը հնարաւոր է հետապնդել միայն սեփական մշակոյթի, ազգային աւանդոյթների եւ ընկերային արդարութեան տեսլականի վրայ հիմնուող հայրենասիրական ուժերի արթնացման ու աշխուժացման միջոցով:

Դա ոչ միայն եւ ոչ այնքան ներքաղաքական հրամայական է, որքան` մեր շուրջն ընթացող արտաքին ու ներքին բարդ ու վտանգաւոր զարգացումների ողջ հանրագումարից բխող պատմական անհրաժեշտութիւն: Որովհետեւ մեր երկրում տեղի ունեցած վերջին իշխանափոխութեան պատճառների ու հետեւանքների եռաչափ ընկալման տիրոյթում ղարաբաղեան թնճուկի նոր պայթեցումը պարզապէս անխուսափելի է դարձել, եւ խնդիրը միայն ժամանակի մէջ է: Ուրեմն անկախ նրանից, թէ ընտրութիւններից առաջ կամ յետոյ է տեղի ունենալու ղարաբաղեան հակամարտութեան նոր բռնկումը, այն պարզապէս զերոյացնելու է ոչ միայն Հայաստանի քաղաքական ուժերի մեծ ու փոքր հաշուարկները, այլեւ յեղափոխական մթնոլորտի արհեստական երկարաձգմամբ զբաղուող նոր իշխանութեան ծրագրերը: Իսկ դա նշանակում է, որ քաղաքակրթական ընտրութեան խաղաղ կամ ընտրական տարբերակը շուտով իր տեղը զիջելու է գոյութեան կռւում յաղթելու հրամայականի վրայ հիմնուող ազգային-քաղաքական ուղեգծին:

Խմբ.

* Ընդունուել է տպագրութեան 04.07.2018:

1.- Մեզանում փողապետական վարչակարգ կամ պարզապէս փողապետութիւն հասկացութեան «հեղինակային իրաւունքը» պատկանում է «Վէմ» հանդէսին, որը, դեռեւս իր 2009 թ. 3-րդ համարում յստակօրէն սահմանելով այդ հասկացութիւնը, ցոյց է տուել 2008-ին փողաբաժանումի միջոցով ձեւաւորուած վարչակարգի սկզբունքային տարբերութիւնն իր նախորդից: Տե՛ս «Արձանագրութիւնները բացայայտեցին մեր հին հիւանդութիւնները», Խմբագրական, «Վէմ», 2009, N3, էջ 4-5:

ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
ԵՌԱՉԱՓ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՅԵՏԱԳԻԾԸ
ՀԻՄՆԱՔԱՐԵՐ
Մարիամ Մ. Մարգարեան
ՊԱՏՄԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ` ՈՐՊԷՍ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ԲԱՂԱԴՐԻՉ
Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի առիթով
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Սարգիս Գ. Պետրոսեան
ՍԵՒԱՆԱՅ ԼՃԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ԵՒ ԴՐԱ ՀԵՏԵՒԱՆՔ ՏԵՂԱՆՈՒՆՆԵՐԸ
Երուանդ Հ. Գրեկեան
ՈՒՐԱՐՏԱԿԱՆ ՍԵՊԱԳՐԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԸ
ԳՐԱԿԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Սօսէ Բ. Պօղոսեան (Նոր Ջուղա, Իրան)
ՍԻՐՈՅ ՄՈՏԻՎԸ ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻ ԱՇՈՒՂԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՈՒՄ
Դրսեւորման ձեւերը, պատկերային կաղապարները
Տաթեւիկ Հ. Մերջանեան
ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱԳԻՏԱԿՑՈՒՄԸ
Նար-Դոսի «Աննա Սարոյեան» նամակագրական վիպակում
ԼԵԶՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Դաւիթ Ս. Գիւրջինեան
ՀԱՅ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՆՇԱՆԱԿՈՂ ՀԱՅԵՐԷՆ ԲԱՌԱՅԻՆ ՄԻԱՒՈՐՆԵՐԸ
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ
Նաիրա Ժ. Մկրտչեան
ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻ ԵՒ ԴՐԱ ԻՒՐԱՑՄԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ (անգլերէն)
ՀՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Յակոբ Մ. Չոլաքեան
ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՄՊՈՒՇԻԷ ԳԻՒՂԻ ԱՇՏԱՐԱԿԻՆ 1348 Թ. ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄՇԱԿՈՅԹ
Գեղամ Մ. Ասատրեան
9-11-ՐԴ ԴԴ. ԽԱՉՔԱՐԵՐԸ ՄԱՔՐԱՎԱՆՔՈՒՄ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ
Վանիկ Հ. Վիրաբեան
ԹՈՒՐՔԱԿԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՀԵՏԱԽՈՒԶԱԿԱՆ ԵՒ ՍԱԴՐԻՉ-ԴԱՒԱԴՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ
1920-1922 ԹԹ. Ռուբէն Հ. Մելքոնեան
ՅՈՅՆԵՐԻ ԱՐՏԱՔՍՈՒՄԸ ՍՏԱՄԲՈՒԼԻՑ 1964 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ԳԻՏԱԳՈՐԾՆԱԿԱՆ
Ալեքսանդր Ս. Մանասեան
ԱՐՑԱԽ-ԱԴՐԲԵՋԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Հիմնախնդրի իրաւական բաղադրիչները
ԼՐԱՏՈՒ
Սիրանուշ Գ. Յովհաննիսեան
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԵՐԸ 1918-1920 Թ.Թ.»
Գիտաժողով-քննարկում Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանում (31 Մայիսի-1 Յունիսի, 2018թ.)
ԳՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Արմէն Ս. Ասրեան
ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԱՆԻՆ ԱՐԽԻՒ
Ռուբէն
ՔՐԴԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸ ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆՈՒՄ
Պատրաստեց` Արամ Ս. Սայիյեանը ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ
Սարգիս Ռ. Մելքոնեան
ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ. ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ
ՀԱՅՐԱՊԵՏՆ ՈՒ ՄԵԾ ԳԻՏՆԱԿԱՆԸ
Մաս Բ. Բարենորոգչական ծրագրերը (1897-1917թթ.) ԾԱՆՈՒՑՈՒՄ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐԻՆ

 

 

Խոստովանանք

0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տարեդարձս է: Արդէն հասած եմ կեանքիս աշունը: Կը զգամ: Կ՛ապրիմ:

Կ՛ուզեմ ես ինծի հետ եւ իմ մասին խօսիլ ու անձս միայն ինծի պարզել:

Ազնիւ, յստակ ու արդար:

Մէկ բառով` խոստովանանք: Ինքնաճանաչում, եթէ կ՛ուզէք եւ կամ ալ… արժեւորում կամ… ինքնաքննադատում:

Այսպէս, ըսեմ համեստօրէն:

Իբրեւ հայ լեզուի աշակերտ ու մեսրոպեան բանակի յաւերժ կամաւոր` ամբողջ կեանքիս ընթացքին անկեղծութեան եւ պարզութեան դպրոցին աշակերտեցի ու` տակաւին: Յաճախ քալեցի հոսանքէն քշուած սրտիս ու մտքիս հակառակ: Ճակատագրի բերումով ճանչցայ բազմաշերտ տառապանքին նախատինքը, մեծ ու փոքր մարդոց դիտումնաւոր անտեսումը, անգործութիւնը ու այս բոլոր անակնկալներու դիմաց թէեւ յաճախ մնացի ապշած, բայց ուսերս վեր նետեցի, կռնակս դարձուցի ու նաեւ անձայն ու լուռ յամառօրէն պայքարեցայ:

Ու այս բոլոր իրավիճակներու դիմաց ճակատաբաց ու անխռով, մինակս ճամբաս շարունակեցի:

Ճամբուս վրայ յաճախ հանդիպեցայ ատելութեան ու նոյնիսկ թունաւոր ուրախութեան, կեղծիքին ու կեղծաւորին, նաեւ, ինչ մեղքս պահեմ, սքանչելի հաւատարմութեան: Այսպէս, հանդիպեցայ անկեղծ մարդոց, ազնիւ տիպարներու, որոնց դէմքերուն վրայ հայու հոգին պայծառ ու լուսաւոր կը ցոլար:

Ի տես այս վերջիններուն` ուրախացայ: Ինքզինքս այդ պահուն երջանիկ զգացի:

Եւ ապա, քաջալերուած, շարունակեցի քալել ինծի սահմանուած օրերու շարանով, արթնցող բաբախումներով, երազներուս նկարներով, աչքերուս մէջ պահելով կեանքի թանկագին օրէնքները, ամէն մտահոգութիւն, ե՛ւ կամք, ե՛ւ անկեղծ պարզութիւն:

Միշտ կարդացի գիրերու վրայ ցատկռտող աչքերովս, կեանք ներարկող խանդավառութեամբ եւ փորձեցի յուշերս հին լարերու վրայ դարձեալ նուագել:

Սակայն ամէն անգամ ես ինծի հարց տուի, թէ ի՞նչ պիտի զգայի, եթէ հայ չըլլայի:

Այդ պատճառով, երբեմն սեւն ու ճերմակը իրար խառնեցի ու ես զիս ամէն տեղ փնտռեցի:

Յաճախ փորձեցի նոյնիսկ ի մի բերել հին ու նոր միտքերս, մաշած յոյսերս, կարկտան մտածումներս: Ապա մեծ ու լայն ախորժակով անոնց վրայ աւելցուցի յոյսերով ու լոյսերով լեցուն նորերը:

Սակայն զանոնք կարդացող չգտայ:

Զգացի, որ մարդիկ զիս չէին հասկցած: Նոյնիսկ չէին փորձած հասկնալ: Օտար մըն էի զիս շրջապատող բազմութեան մէջ: Իրենց համար` անհասկնալի եւ նոյնքան ալ անընդունելի: Այս բոլորը տեսանելի էին ու նոյնքան ալ խղճալի եւ սակայն` թունաւոր:

Ու այս հեւքոտ վազքիս ընթացքին եւ երազներուս մէջէն առաջին սէրս փնտռեցի: Մաքուր: Անմեղ: Մանկական: Ցնցուեցայ:

Օրերս, իրենց երկար ու կարճ ժամերու շարանով, յոգնեցան: Յուշերս երբեմն թէեւ ներսս տաքցուցին, բայց եւ այնպէս զիս կտոր-կտոր ալ ըրին:

Յետոյ…

Զաւակներուս եւ յատկապէս թոռներուս ներկայութեան տարիքս մոռցայ: Ու իբրեւ մտքի հոսքի անխոնջ ճամբորդ` գրիչս յաճախ դարձաւ ցանկալի տառապանք:

Բայց հակառակ այս բոլորին… չեմ մոռնար ու համեստօրէն կը բացայայտեմ, որ շնորհիւ կամքիս ու զսպուած ջիղերուս` տարիներս ոչ միայն գեղեցկացուցին կեանքս, այլ նաեւ անոր տուին մաքուր ու պայծառ արեւ մը ունենալու եւ զայն առատօրէն բաշխելու ցանկութիւնը:

Ուրախացայ, նոյնքան ալ հպարտացայ:

Թէեւ երբեմն ցաւեցայ օրերուս եւ նոյնիսկ ժամերուս չորութենէն, բայց երբեք չյուսահատեցայ, այլ, ընդհակառակն, մինակս գինովցայ լացով, խնդուքով, նախնիներուս պատմումներով ու ցաւերուս անտեսումով:

Նոյնիսկ գացի մոռացութեան եւ ցաւի աշխարհը ու ես զիս մխիթարեցի: Ու հպարտացայ:

Քաջատեղեակ ըլլալով, որ ծովերու խիճերու նման սկսած էի հիննալ, ուստի անշշուկ ու լուռ փնտռեցի կեանքիս տարբեր բանալին:

Ստիպուեցայ բազմութեան մէջ երկար լռութեամբ խօսիլ: Անտեսեցի ամէն անտեսում: Անոր համար վախիս վախէն երազներս սպաննեցի: Թէեւ յաճախ մտածումներս որբացան, բայց, հաւատացէ՛ք, հակառակ շրջապատիս այս չոր ու ցամաք անտարբերութեան, ամէն տեղ ու միշտ եւ հաստատապէս ու հպարտ, հոգիիս խորը ապրեցայ ու տակաւին կ՛ապրիմ աւելի հայ:

Աղուերան-Հայաստան
Օգոստոս 2018

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Առիթով` Անոր Գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1920 –Բ.

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Սիմոն Վրացեան կը գրէ. «18 ապրիլ 1920-ին պոյ-սկաուտներու օր էր Երեւանի մէջ: Քաղաքը ստացած էր տօնական տեսք: Փողոցներուն մէջ տուփերով հանգանակութիւն կը կատարուէր: Պոյ-սկաուտները երաժշտութեամբ կենդանութիւն կը մտցնէին ամէն կողմ: Ամառնային ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային մարզանք: Պոյ-սկաուտները, իրենց վարիչ հունգարացի Ալպերթ Սետմայի առաջնորդութեամբ, գեղեցիկ խաղեր խաղացին` արժանանալով խռնուած հասարակութեան խանդավառ ծափերուն: Սկաուտական շարժումը հանրային կրթութեան նախարարութեան գուրգուրանքի առարկան էր եւ շուտով լայն ծաւալ ստացաւ Հայաստանի մէջ, մանաւանդ երբ արտասահմանէն հասան փորձուած ղեկավար մարզիկներ` Վահան Չերազ, Տիգրան Խոյեան եւ այլն (Օննիկ Եազմաճեան)» (3):

«Նիկոլ Աղբալեան» թիւ 19 դպրոց Երեւան            Նիկոլ Աղբալեան

«Չերազի ու միւս սկաուտներուն աշխատանքը, մարզահանդէսները մեծ տպաւորութիւն գործած են հասարակութեան վրայ ու «նորազատ Հայաստանի մէջ» հիմքը դրած` մարզական շարժումին» (20):

28 ապրիլ 1920 թուակիր հետեւեալ նամակը կը ստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Կոստանդնուպոլսոյ դեսպանատունը.

«ՀՀ մինիստրութիւն հանրային կրթութեան եւ արուեստի
Թիւ 145/1789
28 ապրիլ 1920
Երեւան

Կոստանդնուպոլսոյ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական միսսիային (առաքելութեան)

Ի լրումն մինիստր Աղբալեանի հեռագրի (այս հեռագիրը կարելի չեղաւ գտնել), որով խնդրում է երկու մասնագէտ սկաուտ պետեր յղել Երեւան, պատիւ ունիմ տեղեկացնելու, որ մինիստրութեան ծրագիրն է Հայաստանի մէջ ամենալայն չափով տարածել սկաուտութիւնը, բայց դրան արգելք է հանդիսանում հմուտ մասնագէտների բացակայութիւնը: Ուստի, եթէ տակաւին չէք ղրկած մարզիչներ, խնդրում եմ բարեհաճէք առանց յապաղելու կատարել պ. մինիստրի խնդիրքը, որովհետեւ ժամանակն անցում է եւ կարիքը ահագին է:

Հանրային կրթութեան եւ արուեստի մինիստրութեան
Բժշկա-առողջապահական բաժնի վարիչ
Բժիշկ Վ. Արծրունի» (4), (11):

Սարիղամիշի որբերը կը դիմաւորեն վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանը 1919

5 մայիս 1920-ին նոր կառավարութեան մէջ Գէորգ Ղազարեանը կը փոխարինէ Նիկոլ Աղբալեանը` իբրեւ կրթութեան նախարար:

Մինչ այս, Եզնիկ Քաջունի 27 մայիս 1920-ին «Հայ Սկաուտ»-ին իր երկրորդ նամակը կը յղէ (յապաւուած).

… «Խառնակ է մեր դրութիւնը, հիմա զինուոր եմ (նաեւ). Մարզանք կ՛ընեմ ամէն առաւօտ. իմ թաղի շուրջ 200 երիտասարդներու մարզանքի դասը ինծի յանձնուած է: Յունիսի 1-ին արդէն դպրոցները կ՛աւարտին, որմէ ետք ես բոլորովին պիտի նուիրուիմ աշակերտուհիներուս, սկաուտական խումբին եւ զինուորներու մարզումին:

«Իմ սկաուտներուս «Արծուիկ» գունդը կը բաղկանայ «Աղեքսանդրեան» եւ «Գայեանեան» աղջկանց երկրորդական վարժարաններու 12-18 տարեկան շուրջ 200 աղջիկներէ: Վերջին ծայր ծանրաբեռնուած եմ: Արդէն մէկ ու կէս ամիս է սկսած եմ կազմակերպութեան, 80 հազար ռուբլի դրամ ճարած եմ, ունինք 4 թմբուկ, 12 սրինգ, եռագոյն ժապաւէններ, ազգային դրօշակներ` մեծ ու փոքր 25 հատ: Այդ դրամով անմիջապէս միատեսակ գլխարկներու պատրաստութեան սկսայ տեղական միջոցներով: Երեք սրահ լեցուն շերամ կը պահենք, շուտով կը ստանանք անոնց արդիւնքը (մետաքս) եւ անմիջապէս կը սկսինք կօշիկներուն ծախսել, ամենադժուարը տարազներն են, բայց պիտի աշխատինք:

Տիգրան Խոյեան (ջուր կը խմէ) սկաուտներով ճաշի պահուն` 11 յուլիս 1920

«… Շատ ցաւալի է միայն, որ այստեղ տղոց գլխաւոր եւ միակ դպրոցը յանձնուած է հունգարացիի մը, որ «սկաուտ» անունը միայն մէջտեղ նետած է, բայց իրականութիւնը հակառակն է… միայն ռուսերէն կը խօսի եւ ռուսերէն չգիտցողները չ՛ընդունիր…

«Այստեղ կազմեցի նաեւ լաւ խաղացող սպաներէ եւ կիմնազիայի (միջնակարգ վարժարան) մեծ աշակերտներէն ֆութպոլի ուժեղ խումբ մը» (4), (13):

Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր ներկայացուցիչի հանգամանքով Ալեքսանդր Խատիսեան արտասահման կ՛ուղղուի սփիւռքահայութենէն փոխառութիւն ապահովելու: 10 յուլիս 1920-ին կը հասնի Կոստանդնուպոլիս, ուր եօթը հանդիպումներ կ՛ունենայ հայ համայնքի զանազան խաւերու հետ: Բերայի «Սիլլողոս» սրահին մէջ (ըստ Տիգրան Խոյեանի` 3 յուլիսին, որ վրիպում է, հաւանաբար 13 յուլիս պէտք է ըլլայ) խուռներամ ներկաներուն կ՛ըսէ. «Դուք այստեղ պետական ամէն յարմարութիւն ունիք աւելի քան մենք եւ շքեղօրէն, մինչեւ իսկ` համազգեստաւոր նուագախումբ («Քնար ֆանֆառ») եւ պատշաճօրէն հագուած ու մարզուած փոքրիկ աշխուժ սկաուտ-զինուորներ» (13), (14): (Պոլսոյ հայերը 2 միլիոն ֆրանքէն աւելի խոստացան, եւ այդ գումարները հետագային վերադարձուեցան իրենց տէրերուն): Խատիսեան կը գրէ. «Նախարարութիւնը (կրթութեան) կը հովանաւորէր «պոյ-սկաուտներու» մասնաւոր  ընկերութիւնները, այդ նպատակով հրաւիրուած էին յատուկ ուսուցիչներ Պոլիսէն» (16):

Ձախէն աջ` Օննիկ Եազմաճեան, Վահան Չերազ, Տիգրան Խոյեան, նաւուն վրայ դէպի երկիր առաքելութիւն` 26 յուլիս 1920

26 յուլիս 1920

Հայաստանի Հանրապետութեան ՀՄԸՄ-ի յղած հրաւէր նամակին կցուած էր եօթը հոգինոց ցանկ մը, որոնցմէ միայն Վահան Չերազը եւ Տիգրան Խոյեանը (ապա` քահանայ) կ՛ընդառաջեն, իսկ Օննիկ Եազմաճեանը կամաւոր կերպով կը միանայ, եւ այս եռանդամ պատուիրակութիւնը 26 յուլիս 1920-ին ֆրանսական «Սեմիրամիս» շոգենաւով կ՛ուղղուի դէպի Հայաստան` Ինեպոլու, Սամսոն, Կիրասոն եւ Տրապիզոն նաւահանգիստներ կանգ առնելով, եւ վերջապէս, չորս օրէն` 30 յուլիս 1920-ին կը հասնի Պաթում:

Պաթումի մէջ կը հանդիպին Եզնիկ Քաջունիին, որ նոյն օրը Երեւան պիտի վերադառնար, եւ` 20 հայ սկաուտներու, որոնք ռուսական խումբի մը մաս կը կազմէին: Թելադրելով անոնց կազմել հայկական սկաուտական խումբ, Հայ ազգային միութեան նախագահ պարոն Մնտօեանի  հաւանութեամբ կը հիմնեն ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ` անոնց տրամադրելով անհրաժեշտ գրականութիւն եւ կապ` Պոլսոյ կեդրոնին հետ: Այս ուղեւորութեան բազում դրուագներէն էր նաեւ, Պաթումի փողոցի մը մէջ անակնկալ հանդիպումը արդարահատոյց ահաբեկիչ Արշաւիր Շիրակեանին, որ 27 մարտ 1920-ին Պոլսոյ մէջ դաւաճան Վահէ Իհսանի դէմ արձակուած Դաշնակցութեան մահապատիժը գործադրած էր, կ՛որոշէ դէպի Երեւան ուղեւորութեան իրենց ընկերակցիլ: Պաթումէն Վաչագան անունով եւ Սանահինէն` 13 տարեկան Տիգրան եւ Արամ անտէր որբերը իրենց հետ Երեւան կը տանին:

13 օգոստոս 1920-ին կը հասնին Ալեքսանդրապոլ` Գիւմրի, ուր արի-արենուշ սկաուտներ զիրենք կը դիմաւորեն գլխարկէն մինչեւ գուլպան սեւ տարազով… վերջապէս, Պոլիսէն 21 օր ետք` կիրակի 15 օգոստոս 1920-ին կը հասնին Երեւան:

Պատուիրակութիւնը, իբրեւ ապագայ պաշտօնեաներ կրթութեան նախարարութեան,  յաջորդ օրն իսկ` 16 օգոստոսին հանդիպում կ՛ունենան նախարար Գէորգ Ղազարեանին հետ: Սիրալիր ընդունելութենէն ետք անոր պահանջին վրայ մանրամասն ծրագիր-զեկուցում կը պատրաստեն եւ յաջորդ օրը կը յանձնեն նախարարին:

Ապա «չափազանց լաւ» հանդիպում կ՛ունենան պատերազմական նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանին հետ, որ կը հետաքրքրուի սկաուտական ոգիով ու անոնց տրուած դաստիարակութեամբ, մարզանքներով, դրօշախօսութեամբ, հետախուզական վարժութիւններով եւ մեր հայերէն հրամաններով: Ան բարձրօրէն կը գնահատէ նոր, մատղաշ սերունդին տրուած այդ դաստիարակութիւնը եւ կը խոստանայ ամէն դիւրութիւն ընձեռել:

Երրորդ պաշտօնական տեսակցութիւնը կ՛ունենան ներքին գործոց նախարարին հետ, որուն օգնական Քրմոյեանը կ՛ընդունի զիրենք եւ կը խոստանայ ամէն կարելի աջակցութիւն: Նախարարութեան կողմէ, 28 օգոստոս 1920 թուակիր, ազատ շրջագայութեան հաստատագիրներ կը տրուին պատուիրակութեան անդամներուն:

23 օգոստոս 1920-ին կրթութեան նախարարութեան առողջապահական բաժնի վարիչ բժիշկ Վ. Արծրունիի հետ կ՛ունենան մարմնակրթանքի մասին մասնագիտական ոչ հեզասահ աշխատանքային երկրորդ հանդիպում մը, որմէ ետք կ՛անցնին աշխատանքի:

Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ Տիգրան Խոյեանին տրուած վկայագիրը

Նախարարութիւնը հետեւեալ վկայագիրը կը շնորհէ անոնց` պաշտօնականացնելով ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը (17):

«Հ.Հ.
ՄԻՆԻՍՏՐՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ
No. 206
23 օգոստոս 1920 թ.

Վկայագիր

Տրւում է սոյն վկայականը սկաուտ մարտիկներ պ.պ. Վահան Չերազ, Տիգրան Խոյեան, Օննիկ Եազմաճեան, Եզնիկ Քաջունիին առ այն, որ նրանց յանձնուած է մարմնակրթական գործը ընդհանրապէս եւ յատկապէս սկաուտական շարժման կազմակերպումն ու վարումն Հայաստանի մէջ` նախարարութիւնից նրանց տրուած հրահանգի համաձայն: Տեղական բոլոր մարմնակրթական հիմնարկութիւնները` բազէ սպօրտային եւ նման ընկերութիւններ պիտի գործեն նրանց ղեկավարութեամբ, իսկ յատկապէս սկաուտական շարժումը իբրեւ համապետական գործ պիտի կազմակերպուի եւ վարուի նրան եւ տեղական սկաուտական մարմինների փոխադարձ համաձայնութեամբ, համերաշխաբար` նոյնպէս համաձայն մշակուած կանոնների:

Կրթութեան նախարարութեան վկայագիրը

Յայտնելով այդ մասին Հայաստանի բոլոր մարմնակրթական հիմնարկներին` նախարարութիւնս խնդրում է այդպիսիներին ամէն տեսակ աջակցութիւն ցոյց տալ, որտեղ էլ ուղարկուած լինեն նրանք յիշուած առաքելութեամբ եւ հետեւին նրանց ցուցմունքներին եւ հրահանգներին, որոնք բխում են նախարարութիւնից:

Հանրային Կրթութեան
Եւ Արուեստի Նախարար (ստորագրութիւն)
Բժշկա-առողջապահական բաժնի վարիչ
Գործավար (ստորագրութիւն)»

«Հայ Սկաուտ»-ի 1 ապրիլ 1920-ի խմբագրականը կը շեշտէ ներգաղթի անհրաժեշտութիւնը. «ՆԵՐԳԱՂԹՆ է այս: Ոչ մէկ առթիւ, մենք` սկաուտական կազմակերպութիւններս, այնքան օգտակար պիտի կարենանք ըլլալ, որքան մեր ժողովուրդին մնացած բեկորները ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ առաջնորդելու պարագային:

Շատ լուրջ, շատ ծանր գործ է այս, տեղափոխել ժողովուրդ մը, ազգ մը, գերութեան երկրէն դէպի անկախ հայրենիքը, այն ալ` այնպիսի ժողովուրդ մը, որ դարերով ստրկութեան մէջ տիրացած է կարգ մը թերութիւններու:

Հայ հանրապետական կառավարութիւնը ամենամեծ բեռը ունի իր ուսերուն վրայ այս տեսակէտով: Ան պէտք ունի աջակիցներու, որոնք պիտի դիւրացնեն իր գործը» (14): Եւ ահա ՀՄԸՄ-ը հայրենադարձութեան գործին կը ձեռնարկէ:

Օգոստոս 1920-ի վերջաւորութեան Արմաշի վանքին մէջ հողագործութիւն ուսանած 200 որբ սկաուտներէն 126-ն ներգաղթեցին Հայաստան: Երեւանի կայարանէն դէպի կեդրոն հպարտ ու յաղթական քայլերով կը տողանցեն` իրենց փողերախումբին «Արեւ ծագեց զէյթունցիներ» եղանակի ընկերակցութեամբ: «Երեւանի բնակիչները յանկարծակիի եկած էին: Ամէն կողմէ կը վազէին դէպի մեզ` հայեր են, հայեր են բացագանչելով: Այո՛, հայեր էինք եւ կ՛երթայինք մեր հարազատ կառավարութեան հպատակութիւն յայտնելու:

«Վերը պատշգամին (կառավարութեան շէնք) վրայ հայ նախարարներ` գլխաւորութեամբ վարչապետին, կ՛ունկնդրեն սկաուտական մեր երդումը` «Կ՛երդնունք հաւատարիմ մնալ ազգիս ու հայրենիքիս»: Վարչապետ Համօ Օհանջանեանը արտասուախառն աչքերով կը շնորհաւորէ ազգին հարազատ զաւակները: Հայաստանի քաղաքացիներ էինք այլեւս: Այս առիթով  նախարարութեան պատրաստած բացօթեայ հանդիսութեան` «յայտնութիւն էր 250 աղջիկներու հպարտ, ուղիղ քայլերով, գեղեցիկ մարզական շարժումներով մուտքը» կը պատմէ Հայկ Սէրէնկիւլեանը (4): Ափսո՜ս, որ Հայաստանի խորհրդայնացումին պատճառով, հազիւ ամիս մը ետք, այս որբ սկաուտները Պոլիս կը վերադառնան…

15 յուլիս 2018
Պատրաստուած ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի գիտաժողովին համար
(Շար. 2)

2.- «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», «Արեւմտահայոց գործերը» գլուխ, էջ 30:
3.- Նոյնը «Շինարարական վերելք» գլուխ էջ 367:
4.- «Յուշամատեան ՀՄԸՄ-ի 1918-1958», Ներսէս աբեղայ Բախտիկեան, Պէյրութ, 1958, տպարան «Կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, էջ 73-85:
5.- ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ` «Հայ Սկաուտ», թիւ 3, Կոստանդնուպոլիս, 1 դեկտեմբեր 1919, էջ 33:
11.- Նոյնը, թիւ 16, 16 յունիս 1920, էջ 249` կողքի էջ:
13.- Նոյնը, թիւ 19-20, օգոստոս 1920, էջ 304-305:
14.- Նոյնը, թիւ 11, 1 ապրիլ 1920, էջ 169:
16.- «Հայաստանի Հանրապետութեան Ծագումն Ու Զարգացումը» Ալեքսանտր Խատիսեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1968, տպարան Համազգային, էջ 139, 227-228:
17.- «Նահատակ ցեղի անմահներ», Տիգրան քահանայ Խոյեան, տպարան «Ալթափրէս», Պէյրութ:
20.- «Կեանքի Ուղիներով. Դէպքեր, Դէմքեր, Ապրումներ», Սիմոն Վրացեան, Ա. Հատոր, Գ. տպագրութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2007:

 

Արժէքների Պատերազմ

0
0

ԱՐՏԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
ՀՅԴ հանրային կապերի գրասենեակի
պատասխանատու

Հայաստանեան գործընթացները աչքի են ընկնում ո՛չ միայն աղմկայարոյց բացայայտումներով, կալանաւորումներով, դատավարութիւններով, ազատ արձակումներով, հարկային վարչարարութեան աշխուժացմամբ, հակափտածութեան եւ մենաշնորհների դէմ պայքարով, նոր ընտրութիւնների սպասումներով եւ քաղաքական ուժերի վերադասաւորումներով, այլեւ արժէքների բախմամբ: Ժողովրդական արդար ընդվզումը շարժել է նաեւ հայ հանրութեան արժէքային դաշտը, որի մի հատուածը սնւում է ոչ ազգային միջավայրից եւ ուղղուած է սպասարկելու համաշխարհայնացման եւ միջազգային տարբեր ուժերի շահերը` հարուածելով հայ աւանդական արժէքային համակարգին ու ազգային շահերին: Սխալուած չենք լինի ասելու, որ Հայաստանում նոր թափ է ստացել ԱՐԺԷՔԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ:

Պատնէշների մի կողմում հայ ազգային, պահպանողական ուժերն ու անհատներն են` ազգային շահերի, արժէքների եւ աւանդոյթների պահպանութեան դրօշակով, միւս կողմում այդ արժէքների դէմ ոտնձգութիւններ անողները` ազգային եկեղեցու, աւանդական ընտանիքի եւ առողջ սեռային յարաբերութիւնների դէմ դրօշակ բարձրացրած փոքրամասնութիւնները, հայրենիքի եւ նրա ժառանգութեան, ազատագրական պայքարի ոգու դէմ մարտնչողները` հողայանձնման դրօշակով, ազգային նկարագրից զուրկ, բացառապէս քաղաքացիական հասարակութեան ջատագովները` աշխարհաքաղաքացիութեան դրօշակով: Այս շարքին կարելի է աւելացնել նաեւ ազգային նոր քաղքենիութեան որոշ ներկայացուցիչների, որոնց արժէքներն ու հայրենիքը սեփական քսակն է եւ նրանք միշտ այն կողմում են, որտեղ իրենց քսակն աւելի ապահով է: Պայքարի մեթոտներն էլ հետաքրքիր են. ազգային շահերի պաշտպանութեան անուան տակ քողարկուած, իրական արժէքների արժեզրկման մեթոտներով ու իրական օրակարգերը կեղծ օրակարգերով շղարշելու մոլուցքով տարուած մետիա-վլվլուկները «պարտիզանական» յարձակումներ են գործում ազգային գաղափարների, համակարգերի ու գործիչների վրայ: Օրինակ, կատաղած փոքրաթիւ եւ «արդարամիտ» հոգեւորականներն ու նրանց ձայնակցողները գրաւում են վեհարանն ու ուղիղ-կերուխում սարքում, զինւում քարերով ու փակում կաթողիկոսի ճանապարհը: Շահարկելով ներեկեղեցական ինչ-ինչ խնդիրներ, փորձում են արդարացնել իրականում բուն եկեղեցու դէմ ուղղուած ոտնձգութիւնները:

Առաւել մեծ աղմուկ են սկսել բարձրացնել սեռական փոքրամասնութիւնները` մայրաքաղաքից իրենց պայքարը տեղափոխելով անտառային գօտի` Շուռնուխ` աշխարհագրական ընդլայնուածութեան պատրանք ստեղծելու համար: Հասկանալի է, որ մի դրամաշնորհ արդէն ունեն, երկրորդի համար, հաւանաբար, շարժում ու բախում էր պէտք:

Արամի եւ Արամի արձանի դէմ պայքարը այս շարքից են` «տեղը յարմար չէ», «բազմաթիւ խախտումներ կան», «այլ յուշարձանի վրայ է կառուցուած, պէտք է տեղափոխել», «գեղագիտական ճաշակներիս յարմար չէ»… եւ այսպէս ամիսներ շարունակ փորձ էր արւում խանգարել արձանի տեղադրումն ու հեղինակազրկել Հայոց Հանրապետութեան հիմնադիր Արամին եւ Դաշնակցութեանը:

Առաւել վտանգաւոր է ազատագրուած տարածքների թեման: Որ ՀԱՔ-ն ու նրա լեգէոնականները հողատուութեան ջատագովներ են, հանրայայտ փաստ է: Եւ տարօրինակ չէ, որ Նոր Հայաստանում այս անմտութիւնն ու զառանցանքը կրկին մէջտեղ ելաւ: Արցախում խժդժութիւններ հրահրողներն էլ իրենց նոր դրօշը բարձրացրին` «Նոր Արցախ»-ի յոյսով, փորձելով տատանել մեր փխրուն մակոյկը, առանց գիտակցելու, որ ամէն ինչի նորը չէ, որ լաւ է ու ճիշդ, ամէն նորը չէ, որ բխում է հայոց ազգային շահերից ու նպատակներից:

Որ Հայաստանում ազատ խօսքի նկատմամբ անհանդուրժողականութիւն կայ, արդէն ակնյայտ է բոլորին: Որ որոշ ներքին եւ արտաքին ուժեր ցանկանում են պառակտել հայ հանրութեանը, դա էլ է ակնյայտ: Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ սեպ խրողներն էլ քիչ չեն: Տխմարութիւնը հասել է այնտեղ, որ կոչեր են հնչում յեղափոխութիւն սկսել սփիւռքում, ասել է թէ տապալել տարիներով ձեւաւորուած ազգային եւ համազգային հաստատութիւններն ու համակարգերը եւ դրանք փոխարինել «գեղեցիկ փաթեթաւորուած» անորոշութիւններով: Ազգային արժէքներ դաւանողները անուանարկւում են որպէս յետամնացներ` ամէն ինչի մէջ «նոր» բառը աւելացնելով: Մնում է նոր այբուբեն ստեղծելու կոչեր էլ հնչեն:

Պէտք է նորից ու նորից կրկնել` Հայաստանը մէկն է` թէ՛ հին, թէ՛ նոր, եւ ազգային համերաշխութիւնը, ազգային արժէքներն ու ազգային շահը հեռու պէտք է պահել ամէն մի գունաւորումից: «Գունաւոր յեղափոխութիւնները» չեն սկսւում եւ աւարտւում միայն փողոցներում եւ յեղափոխութիւնների միջոցով: «Գունաւոր յեղափոխութիւնները» սերմանւում են նախ հասարակութեան գիտակցութեան մէջ, սպաննում սեփական «ես»-ը եւ պարտադրում կեղծ օրակարգեր ու արժէքներ: Հեռո՞ւ է, արդեօք «Գունաւոր յեղափոխութիւնը», թէ այն խորանում է Հայաստանում` համաժողովրդական շարժմանը զուգահեռ, գուցէ  գիտակցուած եւ անգիտակից, գուցէ քողարկուած ու դանդաղ: Բայց, որ մեր համազգային կառոյցները, աւանդական արժէքներն ու ազգային շահերը թիրախ են դարձել, փաստ է:

Նոր Հայաստանը ազգային Հայաստանն է` խարսխուած մեր ազգային-պետական շահերի վրայ, նրա կեդրոնում ազատ, արդարամիտ ու աշխատասէր հայ մարդն է, որի յաւերժական ընթացքն է, որ պիտի ապահովուի:

Նոր Հայաստանը համերաշխ Հայաստանն է, որտեղ չկայ շահագործում, անարդարութիւն եւ ազատ մտքի դէմ մարտնչողների անդէմ բանակ:

Նոր Հայաստանը գոյութիւն չունի առանց Արցախի ու սփիւռքի եւ նրանց շահերի գեր-գիտակցմամբ, յանուն այդ շահերի պաշտպանութեան պատրաստ, անձնազոհ հայորդիների ու հայոց բանակի:

Նոր Հայաստանը բարեկեցութիւն ապահովող տնտեսութիւնն է, պետական արդիւնաւէտ միջամտութիւններով` հայ մարդու աշխատանքի համար պարարտ հող ապահովող իշխանութիւնը, եւ ոչ թէ աղքատ ու արտագաղթող հայն ու դրան նպաստող միջակ պաշտօնեան:

Այս արժէքների վրայ է, որ պէտք է գործի Նոր Հայաստանի նոր իշխանութիւնը` ազգային համերաշխութեան հիման վրայ ձեւաւորուելիք ապագայ կառավարութիւնը:

 

 


Ակնարկ. Անգարայի Ինքնադասակարգումը Մոսկուայի Եւ Թեհրանի Կողքին

0
0

Ուաշինկթընի կողմէ երեք ուղղութեամբ միաժամանակեայ կը կիրարկուի տնտեսական պատժամիջոցներու քաղաքականութիւն: Եթէ Մոսկուայի եւ Թեհրանի նկատմամբ յայտարարուած պատժամիջոցները ունին հիմնականին մէջ տնտեսական բնոյթ, ապա Անգարայի դէմ ցարդ կիրարկուածը ամերիկացի քարոզիչի ձերբակալման եւ բանտարկման գործընթացին դերակատար եղած երկու նախարարներու ուղղութեամբ է: Բնոյթով` ոչ տնտեսական: Սակայն Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններու թէժացման առընթեր թրքական լիրայի կտրուկ արժեզրկումը մտածել կու տայ, որ երկու պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուած իրավիճակի զարգացման միտումները տնտեսական հետեւանքներ պիտի ունենան անմիջականութեան կշռոյթով:

Տնտեսագիտական առումով փորձագիտական վերլուծում պէտք է` ընդունելու համար այն եզրակացութիւնը, որ երկու նախարարներու նկատմամբ տրուած որոշումին գծով ինչ տեսակ քայլեր պէտք է ձեռնարկուած ըլլան, որոնք  ազդած են ամբողջ երկրի ֆինանսական համակարգին վրայ: Առանց տնտեսական պատժամիջոցներ պաշտօնապէս որդեգրելու Անգարայի մօտ արդէն կայացած է այն յստակ միտումը երկրի դրամանիշի կտրուկ արժեզրկումին պատճառը Ուաշինկթընը նկատելու:

Այսպէս. Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն անհեռանկարային նկատած է իր երկրին վրայ տնտեսական ճնշում գործադրելու փորձերը, այդ շարքին` ֆինանսական համակարգի ապակայունացման ճանապարհով:

Նկատենք, որ Թուրքիոյ ֆինանսատնտեսական տագնապը, թէկուզ ոչ կտրուկ այս կշռոյթով, այնուամենայնիւ սկսած էր արդէն ամերիկացի քարոզիչին ձերբակալուելէն եւ այդ քայլին պատճառով երկու նախարարներուն դէմ որդեգրուած պատժամիջոցներէն բաւական առաջ: Հիմա արդէն ֆինանսատնտեսական ճգնաժամը թեւակոխած է նոր հարթութիւն: Թուրքիոյ նախագահին համոզումով,  տնտեսական ճնշումի քաղաքականութեան հետեւանքով, որ ըստ անոր` անհեռանկարային է:

Թէեւ Ուաշինկթընի ուղղուած հասցէականութիւնը ուղղակի չէ, բայց ուղերձը պարզ է: Հիմա լարուածութեան առումով թիրախը մէկ է, եւ բոլոր ուղղակի կամ անուղղակի մեղադրանքները այդ ուղղութեամբ կ՛արձակուին:

Անգարայի յայտարարութիւններուն մէջ կայ առանցքային մօտեցում: Թեհրանին եւ Մոսկուային ուղերձ յղել, որ Անգարան միեւնոյն դասակարգումին տակ է, եւ ինչպէս ռազմավարական նոր առանցքի իր գործընկերները, ինք եւս կ՛ենթարկուի Միացեալ Նահանգներու տնտեսական ճնշամիջոցներուն: Թէեւ, Թեհրանն ու Մոսկուան ո՛չ միայն կ՛ենթարկուին արդէն տնտեսական պատժամիջոցներուն, այլ տարբեր երկիրներուն եւս կոչ կ՛ըլլայ միանալու պատժամիջոցային ընդհանուր քաղաքականութեան: Անգարա դեռ հոն չհասած ինքզինք կը դասէ միւս «զոհերու» շարքին:

Այս ինքնադասակարգումը կրնայ նպաստել Անգարա-Թեհրան եւ Անգարա-Մոսկուա յաւելեալ մերձեցման եւ համագործակցութեան ձեւաւորման ենթահողը ամրացնելու առաջադրանքին:

Փորձենք սակայն Երեւանէն դիտել այս նոր գործընթացները` անմիջապէս նկատելու համար, որ տնտեսական պատժամիջոցային քաղաքականութեան ենթակայ են սահմանակից Իրանը, սահմանամերձ ռազմավարական գործընկեր Ռուսիան, սահմանակից (թէկուզ փակ սահմանով) Թուրքիան, որ իր ֆինանսատնտեսական ճգնաժամը անհեռանկարային կը նկատէ, եւ որ սակայն կը վերագրէ միեւնոյն պատժող պետութեան: Եւ ենթադրենք, որ թրքական լիրայէն կամ իրանեան ռիալէն աւելի ռուսական ռուբլիի արժեզրկումն է, որ կրնայ որոշակի ազդեցութիւն ունենալ մեր երկրի ֆինանսատնտեսական իրավիճակին վրայ:

Տնտեսական տագնապները կրնան ապակայունացնել երկիրներու հասարակութիւնները: Երբ Էրտողան կը խօսի իր երկրի ֆինանսական համակարգին անկայունացման նպատակով գործադրուող ճնշումներուն մասին, ըստ էութեան կը զգուշացնէ իր ժողովուրդը ներթրքական հասարակութեան ապակայունացման վտանգէն: «Եթէ անոնք տոլարներ ունին, ապա մենք ունինք մեր ժողովուրդը, իրաւունքն ու Ալլահը», ըսած էր Թուրքիոյ նախագահը: Պարզ է ուղերձը. ժողովրդային զանգուածները պէտք է շարունակեն համախմբուած մնալ պետութեան շուրջ` կանխարգիլելու համար Ուաշինկթընի կողմէ կիրարկուող տնտեսական քաղաքականութեամբ ներքին անկայունութիւն ստեղծելու իրավիճակի դիմակայման համար: Անգարայի ուղղութեամբ տակաւին պատժամիջոցներ չեն որդեգրուած, այսուհանդերձ թրքական լիրան կտրուկ կ՛արժեզրկուի, եւ Էրտողան ըստ էութեան կը խօսի Թուրքիոյ ապակայունացման մասին: Թրքական լիրայի յաւելեալ արժեզրկումը կամ վերարժեւորումը կրնայ լոյս սփռել Թեհրանի եւ Մոսկուայի կողքին Անգարայի ինքնադասակարգումի քաղաքական շարժառիթներուն վրայ:

«Ա.»

 

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ամօթն Ու Անամօթը

0
0

ՊԵՏԻԿ

Փորձեցի աւելի ազդու բառեր գտնել` այս իրականութիւնը որակելու, որ, յուսամ, սպասուած արդիւնքին կը հասցնէ:

ԱՄՕԹ` այն հայ վաճառականին, որ իր վաճառատան մէջ թրքական արտադրութիւններ կը վաճառէ: Իսկ այն հայը, որ թրքական արտադրութիւններ կը գնէ, իսկապէս Անամօթ մըն է, որ չի յարգեր Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակը եւ նոյնիսկ իր այս արարքով քաջալեր կը դառնայ թրքական ճարտարարուեստին: Արդեօք տակաւին կա՞ն մարդիկ, որոնք չեն գիտակցիր այս իրականութեան:

Պատի՛ւ եւ յարգանք` այն հայկական վաճառատան, որ ամենայն հպարտութեամբ իր ցուցափեղկին վրայ կը յայտարարէ` «Մեր վաճառատան մէջ թրքական ապրանք չենք վաճառեր», եւ իմ կոչս է բոլոր ազնիւ հայերուն, որ իրենց գնումները կատարեն այն խանութներէն, որոնք թրքական արտադրութիւն չեն ծախեր:

Արդար է, որ հարց տանք, թէ նոյնքան եւ առաւել ամօթ չէ՞ այն հայ  մարդոց, որոնք թրքերէն հեռատեսիլի գարշահամ յայտագիրներուն կը հետեւին, այսպիսով կ՛ապականեն հայ տունը, ուր մենք կոչուած ենք հայեցի դաստիարակութիւն տալու մեր նոր սերունդին, զայն մղելով դէպի հայ գիրն ու գրականութիւնը, մաքուր պահելով հայ տունը եւ մեր հայկական թաղերը:

Իսկ թրքախօսութիւնը բացարձակապէս մերժելի է: Չմոռնանք մեր պատանեկան միութիւններու ցրուած լոզունգները` «Թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանէ»… հոս ես աւելի առաջ պիտի երթամ ըսելով, թէ երբ հանդիպիս հայու մը, որ թրքերէն կը խօսի, առանց վարանելու յիշեցուր իրեն, որ ինք հայ է, որ` այս թաղերը, որ հայկական կը կոչենք, պէտք չէ ապականին այդ լեզուով:

«Ո՛չ թրքականին» պարզ խօսք մը չէ մեզի համար: Մենք կը մերժենք ու ամենայն խստութեամբ պէտք է լռեցնենք թրքախօս հայերը, ուր որ ալ ըլլանք, ինչ ալ որ ըլլայ պարագան:

Մենք «կանգ պիտի լինենք եւ դեռ շատանանք»:

 

 

Մա՛մ, Ինչո՞ւ Անունս Սեւակ Դրեր Էք… Կամ` Ռուբէն Սեւակի Թանգարան Մեր Այցելութիւնը

0
0

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

– Մա՛մ, ինչո՞ւ անունս Սեւակ դրեր էք:

– Ինչո՞ւ կը դժգոհիս:

– Քանի որ դասարանը շարունակ «Սեւուկ ուլիկ, սիրուն բալիկ», կ՛ըսեն ինծի:

Ու թէեւ ան գիտէ, որ անունը բնական շարունակութիւնն է եղբօր անուան` Ռուբէնին ու գիտէ մանաւանդ, որ երկուքը միասին լրացումն են նշանաւոր բանաստեղծ-արձակագիր Ռուբէն Սեւակի անուան, սակայն դժգոհանքը յայտնելով` կը շարունակէ.

– Բայց, մա՛մ, թուրքերը սպաննած են Ռուբէն Սեւակը, գոնէ Դաւիթ դնէիր:

Ութամեայ տղուս դժգոհութիւնը տեղին կը գտնեմ: Բնականաբար պարտուողի հոգեբանութեամբ չ՛ուզեր համակուիլ քաջարի տղաս: Կ՛ուզէ, որ անունը Դաւիթ ըլլար`  նմանելու hամար Սասունցի Դաւիթին, մանաւանդ որ այս տարուան իր դասագիրքի ծրագիրին մէջ լայն տեղ յատկացուած էր դիւցազունին մանրապատումներուն, ու բնականաբար ներշնչուած անոր հերոսութենէն` ան խաղալիք սուրը կը քաշէր պատեանէն ու կը գոչէր` «Ես պիտ մեծնամ, թուրքերը ջարդեմ»:

Ջանք կը թափեմ համոզելու համար, թէ հակառակ դաժան ճակատագիրին, որ ենթարկուեցաւ Ռուբէն Սեւակը երբեք գէշ զգալու պատճառ մը չունի ինք, ընդհակառա՛կը, պարծանք զգալու է, որ աստուածային շնորհքներով օժտուած անձնաւորութեան մը անունը կը կրէ, որ, այո՛, թուրքի ոճիրին զոհը դարձաւ, սակայն երբեք այդ մէկը իր արժէքը չնսեմացուց ու մինչ օրս պատուով կը յիշուի իր անունը: Նաեւ կը բացատրեմ, որ Ռ. Սեւակ ո՛չ միայն գրող, մտաւորական կամ ազգային գործիչ էր, այլ նաեւ` բժիշկ ու մեծ հայրենասէր: Վեր հանելով անոր մարդկային արժէքները` կը պատմեմ, թէ ինչպէ՛ս տարագրութեան ճամբուն վրայ ան բուժած էր զիրենք փոխադրող թուրք կառապանին աղջիկը, որ սիրահարած էր իրեն, եւ թէ ինչպէ՛ս  թրքուհիին հայրը առաջարկած էր Ռ. Սեւակին, որ ամուսնութիւն կնքէ իր դստեր հետ, եւ դառնալով կրօնափոխ` ազատէր, որովհետեւ հակառակ պարագային, իր ընկերներուն հետ պիտի դատապարտուէր մահուան, սակայն Ռուբէն Սեւակի մերժողական պատասխանը շատ կտրուկ եղած էր ու ան հաւատարիմ մնացած էր, իր սիրոյն, ընտանիքին ու հաւատքին:

– Տե՛ս, թէ ինչպէ՛ս անունը մինչեւ այսօր կը յիշուի հպարտութեամբ,- կ՛ըսեմ Սեւակիս ու կը շեշտեմ. դուն ալ  կրնաս իր անունը արժեւորել քու յաջողութիւններովդ:

Ան խօսքս կտրելով` կ՛աւելցնէ.

– Կը յիշե՞ս, մա՛մ, իր անունով փողոց ալ տեսած էինք:

– Այո՛,- կը հաւաստիացնեմ,- նոյնիսկ Երեւանի մէջ դպրոց կայ իր անունով, ու բանաստեղծին կիսանդրին անոր դիմաց զետեղուած է:

Քիչ մը թեթեւցած հոգեկանով կը յիշեմ նաեւ, որ անցեալ օր Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքին մէջ Ռուբէն Սեւակ անունով լսարան մըն ալ տեսած էի եւ անմիջապէս առձեռն հեռաձայնէս նկարը կը փնտռեմ ու ցոյց կու տամ տղուս:

Գոհունակ ժպիտով մը կը նայի ինծի: Համոզուա՞ծ էր, թէ՞ զիս հանգստացնել կը փորձէր, չեմ գիտեր:

Տղուս այս հարցադրումը առիթ կ՛ըլլայ նաեւ, որ մենք ընտանիքով որոշում կայացնենք յաջորդող կիրակի Էջմիածին մեկնիլ` այցելելու համար մայր տաճարին շրջակայքը գտնուող Ռուբէն Սեւակին թանգարանը:

***

Որոշեալ կիրակին ամբողջ ճամբու ընթացքին մանչերուս կը պատմեմ «Բժիշկի գիրքէն փրցուած էջեր»-էն դրուագներ. կը շեշտեմ մանաւանդ, որ ան բժիշկ ըլլալով հանդերձ, միայն մարդոց մարմնական հիւանդութիւնները չէր որ կը բժշկէր, այլ անոնց հոգիներուն մէջ հաւատքն ու կամքը կը զօրացնէր եւ հիւանդութիւնը յաղթահարելու վստահութիւնը կը ներշնչէր: Հաւատալով մանաւանդ, որ «ապրիլը յաղթել է», ան իր հիւանդները կը մղէր մահուան դէմ պայքարի, որպէսզի չըլլայ, որ յուսալքուին կամ ընկճուին: Ու մայրական յորդորը ինքնաբերաբար կը յաջորդէ պատումիս. «Դուք ալ կեանքի մէջ դժուարութիւններ պիտի ունենաք, պիտի սխալիք, պիտի իյնաք, սակայն երբեք չվախնաք, այլ միշտ կրկին փորձելով` մի՛շտ յառաջ պիտի ընթանաք»: Ամուսինիս դէմքի ժպիտը նշմարելով` կը հասկնամ, որ նորէն «լեզուս բացուեր է…»: Ի վերջոյ կը հասնինք թանգարան, որուն պաշտօնական բացումը կատարուած էր 2013-ի սեպտեմբերին` հիմնադրութեամբ նահատակ բանաստեղծին եղբօր զաւակ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի, որ նախապէս Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ հիմնած էր թանգարանը, սակայն միշտ ի միտի ունէր զայն փոխադրել Հայաստան:

Թանգարանին մէջն են չորս սրահներու մէջ ամփոփուած բանաստեղծին գրական ժառանգութիւնը, նամակները: Ցուցապահարաններուն մէջ դրուած են իր ձեռագիր տետրակները, լոյս տեսած գիրքերը, նկարչական շնորհները: Անձնական իրերէն` պատի ժամացոյցը, իր գեղարուեստական կտաւը, վկայականը, լուսանկարները, կնոջ վերջին հեռագիրը` գրուած 21 օգոստոս 1915-ին. ուր կը կարդանք հետեւեալ տողերը.

Շա՛տ սիրելի Ռուբէնս, ահա կրկին շաբաթ մը եւս` քեզմէ առանց լուրի: Յուսամ, թէ հանգիստ ես սակայն: եթէ երկու ամիս եւս հեռու մնաս ինձմէ, թոքախտ պիտի ըլլամ, այնքան որ յոգնած եմ: Լեւոնը շատ լաւ է, սանտալներ կը հագնի առանց գուլպայի, թուրքերէնը եւ գերմաներէնը շատ լաւ կը խօսի հիմա եւ այնքան ուժեղ է, որ Շամիրամը կը շալկէ արդէն: Այս վերջինը շատ յամառ է, բայց շատ գեղեցիկ: Իրենք երկուքն ալ քու աղուոր աչքերդ ունին: Մավրոբուլոսին հետ կարգադրեցինք: Դուն գրեցի՞ր Կեդրոնականին: Մայրս կը համբուրէ քեզ: Մենք բոլորս ջերմ համբոյրներ կը ղրկենք քեզի:

Շատ գեղեցիկ բանաստեղծութիւններ կը գրեմ եւ այնքան կը ցաւիմ, որ չես կրնար թարգմանել:

Պզտիկները միշտ պարտէզն են: Կ՛ապրինք այսպէս ու այնպէս: կը յուսամ քեզ վերստին տեսնել. թող Աստուած այդ շնորհը ընէ՛ մեզի: Միշտ պիտի սիրեմ քեզ, Աստուած ալ: Քու Եաննիդ

Եաննիի այս վերջին քարտը` գրուած իր ամուսինին, վերադարձած է հետեւեալ վերտառութեամբ. «Մեկնած է առանց հասցէ ձգելու»:

Որքան հրապուրուած եմ Ռուբէնի նամակներով: Մէկական գեղարուեստական գոհարներ են, արուեստի գործեր` յորդած ապրուած զեղուն զգացումներով: Ի՜նչ սէր կը բուրեն այդ խօսքերը` ուղղուած Եաննիին: Իսկական սէր, որ ամէն խոչընդոտ յաղթահարելէ ետք իրենց միացումով պսակուեցաւ, որովհետեւ ազատութեան տենչացող, աշխարհի պայմանական կարգ ու կանոններէն, կեղծ ու պատիր օրէնքներէ վեր, դէպի անծայրածիր հորիզոններ ձգտող բանաստեղծի հոգին չէր կրնար հանդուրժել ստրկութիւն եւ բռնութիւն: Իր յայտնի «Թրուպատուրները» բանաստեղծութեան մէջ կը նշմարենք արդէն այդ մէկը: Միջնադարեան թափառաշրջիկ երգիչներուն հոգին չի խոնարհիր տառապանքներու, բռնութեան եւ մահուան դիմաց, այլ, ընդհակառակը, անոնք «Աշխարհքն հեգնելու հով մ՛ունին»:

8 օգոստոս 1908-ին իր հրապարակախօսական ճառին մէջ ստրկութեան գաղափարի այդ շեշտադրումը կայ. «Ամբողջ Եւրոպայի մէջ,  աշխարհի էն շքեղ կեդրոններէն մինչեւ ամենամութ ու խաւարին անկիւնները, ես չեմ տեսեր ու չեմ ալ կրնար հաւատալ, որ գտնուի տակաւին ՄԷԿ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳ, որ ամէն օր ու ամէն վայրկեան ապրէր դերասանի ճշմարտապէս կեղծ ու գերեզմանօրէն ծիծաղելի այն կեանքը, որ դարերէ ի վեր մեր կեանքը եղաւ, մեր ստրկացած թրքահայերուս կեանքը… Տառապիլ ու ստիպուած ըլլալ ամենաերջանիկ կերպարանք մը ցոյց տալու… անպատուըւիլ, բռնաբարուիլ, գետնաքարշ տապալիլ ու ստիպուած ըլլալ գոհութեան ջերմագին աղաղակներ բարձրացնելու… ժպտիլ այնպիսի մէկ վայրկեանիդ, որ արիւն արցունք պիտի պոռթկար աչերէդ, մաղթանքի ճիչեր հանել կոկորդէդ այն բռնակալ ձեռքին համար, որ զքեզ կը խեղդէ, մեռնիլ ու հոգեպէս մեռնիլ ու ապրիլ ձեւացնել, ահա դերասանական ահռելիօրէն կեղծ կեանքը, որ մերը եղաւ այնքան երկար տարիներ…»: Բանաստեղծ-հրապարակախօսը միշտ ձգտումը ունէր իտէալական ազատութեան եւ անձի ինքնիշխան հպարտութեան:

Ռուբէնի նամակները` ուղղուած Եաննիին, լի են գերիվեր սիրոյ խոստովանութեամբ, երբեմն խրատական, երբեմն յոյս ներշնչող, սակայն երբեք` արգելքներուն դիմաց ընկրկումով: Անոր սէրը միաձուլումն է հոգիի եւ մարմնի. առողջ ու բնական սիրոյ ջատագովն է ան, եւ կարելի չէ բռնութեամբ լռեցնել անոր ձայնը: «Երկեր» ժողովածուին մէջ ( 1955, էջ 229-230) կը կարդանք. «Ազատ թողէք երկու սիրահարները, որ բնութեան ձայնին հետեւին, ու պիտի տեսնէք, թէ ի՛նչ գեղեցիկ իրականութիւն է այդ երեւակայութիւն կոչուածը: Հոգւոյն ու մարմնին այնքան սեղմ ու փոխադարձ ազդեցութիւնը մարդկային ոչ մէկ գործողութեան ատեն կարելի է տեսնել: Արուն եւ էգը, մարմինն ու հոգին իրար խառնուելով` միանգամայն տիեզերքին ու աստուածութեան կը խառնուին»: Ան մարդկային գեղեցիկ զգացումներու փառաբանիչն է:

Որքա՜ն կարճ ժամանակ ապրած է բանաստեղծը, բայց որքա՛ն ուսումնասիրելիք նիւթ կը հայթայթէ ան իր ապրած կեանքով ու ծաւալած գործունէութեամբ. Ռուբէն Սեւակը` որպէս գրող, որպէս ազգային եւ քաղաքական գործիչ, որպէս մտաւորական, որպէս բժիշկ եւ այլն: Հոն կ՛իմանանք, որ թանգարանը գիտահետազօտական բաժին բացած է, եւ այժմ արդէն իսկ ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին այդ գծով:

Մանչուկներս այս ընթացքին քանի մը լուսանկար կը նկարուին հետս ու կը շրջին թանգարանին մէջ` մէյ մը ծովանկարներուն դիմաց կանգ առնելով, մէյ մը Ռ. Սեւակի լուսանկարները դիտելով: Թանգարանին մէջ զետեղուած են նաեւ գեղարուեստական ածխանկարներ` թիւով 130 կտաւ, մեծ մասամբ` ծովանկարչութիւններ, որոնցմէ երեքը Յովհաննէս Այվազովսկիի ստեղծագործութիւններէն են:

Կեանքով լեցուն եւ ապրելու խանդավառութեամբ տոգորուած բանաստեղծը կրնայ շատ բան չըսել տակաւին մանչուկներուս, սակայն վստահ եմ, որ ժամանակը պիտի գայ, երբ անոնք պիտի բանան իրենց համար ցարդ առեղծուածային թուող այդ տուփը ու հոն գոհարներ գտնելով` միայն ու միայն հպարտութեամբ պիտի համակուին:

 

 

 

Հակադաշնակցական Հերթական Գրոհը

0
0

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

Տիեզերական անվիճելի ճշմարտութիւն է, որ աշխարհի մէջ ամէն ինչ կը փոխուի, կը բարեփոխուի եւ ընդհանրապէս կը զարգանայ:

Տեւական փոփոխութեան մէջ է արդի աշխարհը, անտարակոյս: Այդ փոփոխութիւնները եւ յառաջդիմութիւնները սկզբունքով դրական եւ օգտաշատ են, եւ համայն մարդկութեան առաքելութիւնն է զանոնք ծառայեցնել բոլոր ժողովուրդներու բարօրութեան, արդարութեան, խաղաղութեան ու երջանկութեան:

Սակայն, նաեւ կը պատահի, որ անկանխատեսելի աղիտալի դէպքեր եւ տխուր առիթով փոփոխութիւններ ալ արձանագրուին աշխարհին մէջ:

Անշուշտ այդ դրական օգտաշատ փոփոխութիւններէն, զարգացումներէն եւ յառաջդիմութիւններէն միշտ չէ, որ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները միանշանակ կ՛օգտուին, արդարեւ, տակաւին տարբեր տարածաշրջաններու մէջ համաշխարհային վերջին նուաճումներէն, գիտական, բժշկական, արհեստագիտական եւ ամէն տեսակի յառաջդիմութիւններէն զերծ կը մնան ոմանք` զանազան խնդիրներու եւ քաղաքական նեղ հաշիւներու բերումով, եւ այնտեղ կը յամենայ աղքատութիւնը, անարդարութիւնը, փտածութիւնը, կաշառակերութիւնը, պատերազմներ եւ ահաբեկչական խմբաւորումներ, որոնք կը հարուածեն երկիրներու կայունութիւնը եւ անդորրութիւնը:

Սակայն ընդհանուր առմամբ աշխարհի մէջ ամէն ինչ կը փոխուի եւ կը զարգանայ, գիտութիւնը, բժշկութիւնը, տնտեսութիւնները, արհեստագիտութիւնը, արուեստը, տեղեկատուական մարզը, կլիման, ժողովուրդներու միջեւ փոխյարաբերութեանց եղանակը, միջազգային քաղաքական փոխյարաբերութեանց եղանակը, պայմանագրութիւնները, կուսակցութիւնները եւ անոնց ծրագիրները` ի պահանջել հարկին, միջազգային քաղաքական համակարգերու ձեւաչափը: Այս բոլորին կողքին պէտք չէ մտահան ընել, որ ապրած ենք պաղ պատերազմի օրեր, երկփեղկուած ռազմաքաղաքական կացութիւններ` արեւելեան եւ արեւմտեան Եւրոպաներու, բազմաբեւեռ համաշխարհային դրութիւն, զայն յաջորդող Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ միաբեւեռ կացութիւն, ապա համաշխարհայնացման կարգախօսին տակ ազգային իւրայատկութիւններ ունեցող ժողովուրդները հարուածող նոր մարտավարութիւններ` միջազգային զանազան հիմնադրամներու մութ ֆինանսաւորումներով:

Փաստօրէն աշխարհը սրընթացօրէն փոփոխութեան մէջ է եւ միշտ ալ այդպէս եղած պէտք է ըլլայ: Սակայն արդի ժամանակներու ժողովուրդներու պատմութեան մէջ, յատկապէս հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ, միայն մէկ չարափաստիկ երեւոյթ մը, հակառակ վերոնշեալ բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ փոփոխութիւններուն, բնաւ փոփոխութեան չ՛ենթարկուիր, ըստ ամենայնի չէ ենթարկուած, առնուազն մինչեւ այսօր: Այդ ալ հակադաշնակցական անհեթեթ պայքարի ոճն է. ի տես ներհայկական ճակատի վրայ արձանագրուած քաղաքական եւ իրաւական վերջին իրադարձութիւններուն եւ ոմանց արտայայտութիւններուն եւ դրսեւորումներուն, ինչ կ՛ուզէ թող ըլլայ ճշմարտութիւնը հայկական իրականութեան, ռազմաքաղաքական անվտանգութեան, տնտեսական, ներհայաստանեան քաղաքական պայմաններուն միեւնոյն հակադաշնակցական պայքարի հերթական գրոհը դարձեալ գլուխ կը ցցէ այսօր:

Փաստօրէն 128 տարի է ի վեր ոչ մէկ փոփոխութիւն հակադաշնակցական պայքարի այս մարզին մէջ,  միջազգային թէ շրջանային եւ ներազգային քաղաքական ամէն տեսակի պայմաններու ներքոյ միեւնոյն հիւանդագին հակադաշնակցական յանկերգն է, որ այսօր սակայն վերածուած է քաղաքական նոր մարտավարութեան` փճացնելու համար ազգային միասնականութիւնը, անդորրութիւնը եւ ռազմաքաղաքական ու ազգային ճակատի վրայ արձանագրուած հսկայական յառաջդիմութիւնները:

Արդարեւ, ամբողջ աշխարհին մէջ գաղափարախօսութիւններ, իշխանութիւններ եւ ամէն տեսակի զինուորական, բռնատիրական եւ ամբողջատիրական համակարգեր փոխուեցան, Խորհրդային Միութիւնը եւ Պերլինի պատը փուլ եկան, աշխարհի մէջ համայնավար կուսակցութիւնները փոխուեցան, սակայն հակադաշնակցական պայքարի մոլուցքէն տառապողները մնացին անփոփոխ եւ անդրդուելի իրենց կատարած ուխտին վրայ…

Եւ, ըստ էութեան, հակադաշնակցական պայքարի այս ճակատին վրայ պէտք չէ տեղաշարժ ակնկալել, ոչ ալ պէտք է պատճառներ որոնել, որովհետեւ այնտեղ նորութիւններ չկան. ինչ որ էր 128 տարուան ընթացքին, նոյնն է այսօր, դժբախտաբար:

Իսկ վերջին, ամէնէն թարմ ապացոյցը` հակադաշնակցական դրսեւորումներու, կը հանդիսանան մէկ կողմէ պրն. Կարպիս Փաշոյեաններու եւ տիկին Զոյա Թադեւոսեաններու նման բազմաթիւ մարդոց տհաճ եւ ապազգային հայոց պանծալի նորագոյն պատմութիւնը հարուածող ու խեղաթիւրող դրսեւորումները եւ նմանօրինակ դիմատետրեան բազմաթիւ այլ անհիմն ամբաստանութիւններ ու զրպարտութիւններ, որոնցմով կը մեղադրեն Դաշնակցութիւնը հազարումէկ սադրանքներու մէջ, ինչպէս` Երիտթուրքերու հետ համագործակցութեան եւ այլ պատմաքաղաքական դէպքերու առնչութեամբ` գործածելով կեղծուած փաստաթուղթեր եւ շինծու փաստարկումներ, որոնք թէ՛ ծիծաղելի են, թէ ալ իրականութեան մէջ ոչ մէկ կապ ունին պատմաքաղաքական իրադարձութիւններու ճշմարտութեանց հետ:

Իսկ միւս կողմէ, վերջերս, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրաւաքաղաքական իրադարձութեանց լոյսին տակ ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինին` Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահի Ռոպերթ Քոչարեանի սահմանադրական կարգը տապալելու մեղադրանքին կապակցութեամբ յայտարարութեան առիթով ստեղծուած անհիմն դիտարկումները, հակադաշնակցական ցեխարձակումները, դիմատետրեան հայհոյախառն գրառումները, իբր թէ սոյն յայտարարութեամբ ՀՅ Դաշնակցութիւնը երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կը պաշտպանէ, հակառակ այն իրողութեան որ տուեալ յայտարարութեան մէջ յստակ կերպով կ՛ընդգծուէր, որ` «երկրում ընթացող վերջին իրադարձութիւնների կապակցաբար յայտնում ենք, որ օրինականութեան հաստատման, օրէնքի առջեւ բոլորի հաւասարութեան, անպատժելիութեան մթնոլորտի վերացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը ողջունելի են: Խիստ կարեւոր է, որ բոլոր գործընթացները տեղի ունենան իրաւական հարթութեան վրայ օրէնքի տարրին ու ոգիին համապատասխան եւ որեւէ հիմք չտան տարատեսակ մեկնաբանութիւնների եւ քաղաքական շահարկումների համար»: Աւելցնելով, որ` «Մարտի 1-ի դէպքերի կապակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին եւ օրուան իշխանութիւնների այլ ներկայացուցիչների սահմանադրական կարգը տապալելու մեղադրանք ներկայացնելը խիստ մտահոգիչ է եւ կարող է մեկնաբանուել որպէս քաղաքական հալածանք»:

Իսկ աւելի ուշ, 29 յուլիսին, տուեալ յայտարարութեան ուղղութեամբ Դաշնակցութեան հասցէին հնչած տարատեսակ դիտարկումներուն, մեկնաբանութիւններուն, անհիմն մեղադրանքներուն լրացուցիչ պարզաբանումներ կատարելու եւ հարցերը միանգամընդմիշտ յստակացնելու մտասեւեռումով Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը «Երկիր Մեդիա»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին կ՛ընդգծէր հետեւեալը. «Դաշնակցութիւնը համոզուած է, որ 1-2 մարտի դէպքերու քննութեան գործը պէտք է իր տրամաբանական աւարտին հասնի,  եւ առանց բացառութեան, բոլոր մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին: Բայց խօսիլ սահմանադրական կարգի տապալման մասին ատիկա բոլորովին այլ տեղ կը տանի»:

Ահաւասիկ ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինի յայտարարութիւնը եւ պարզաբանումները Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահի Ռոպերթ Քոչարեանի սահմանադրական կարգը տապալելու մեղադրանքի առնչութեամբ:

Չենք հասկնար, թէ ի՞նչ հիմունքներով եւ ի՞նչ տրամաբանութեամբ տուեալ յայտարարութիւնները պիտի ենթարկուէին ա՛յսքան քաղաքական ցինիզմի, քաղաքական շահարկումներու եւ երկրի քաղաքական իրավիճակը ամլացնող քաշքշուքի:

Չենք հասկնար, թէ ինչո՞ւ հակադաշնակցական այս պայքարին մէջ, ուր ոչ լենինիզմը, ոչ թուրանիզմը, ոչ պոլշեւիզմը յաջողեցաւ հեղինակազրկել ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ոչ ալ Դիմատետրի վրայ նման գրառումներու հեղինակները պիտի յաջողին, անոնց համար ամէն ինչ եւ ամէն միջոց արտօնուած է, նոյնիսկ խնդրոյ առարկայ դարձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի անդորրութիւնը, կայունութիւնը, եւ մանաւանդ` անվտանգութիւնը:

Չենք հասկնար, թէ ինչո՞ւ սոյն յայտարարութեան եւ ի միջի այլոց քաղաքական այլ շարժառիթներու պարագային ալ ամբոխավարութենէ զերծ Դաշնակցութեան կիրարկած կառուցողական, տրամաբանական, Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր իրաւական ու քաղաքական խնդիրները երկրի սահմանադրութեան եւ օրինական ճանապարհով լուծելու ու զանոնք իրաւական հարթութեան վրայ պահելու նպաստող Գերագոյն Մարմինի քաղաքական եւ յարաբերական ճիգը` փոխանակ համատարած հանգստութեան, գոհունակութեան եւ փոխադարձ վստահութեան եւ քաղաքական պատասխանատուութեան դրական արձագանգներու հանդիպելու, պիտի բախի հակադաշնակցական սուր պայքարի ծաւալման:

Չենք հասկնար, թէ ինչո՞ւ, եթէ նոյնիսկ օրին մասամբ հասկնալի կը թուէր, երբ հակադաշնակցական պայքարին ետին կանգնած էին թուրանիզմը, ստալինիզմը, լենինիզմը, պոլշեւիզմը, բայց այսօր, ի՞նչպէս հասկնանք, երբ նոյն այդ անարդար, անուղղայ, անհեթեթ ազգակործան հակադաշնակցական պայքարը նոյնինքն հայու մատնահետքերով կը կատարուի:

Միթէ Դաշնակցութիւնը մեղաւո՞ր է, որովհետեւ ան կ՛առաջնորդուի առանց քաղաքական նախապաշարումի, վրէժխնդրութեան եւ առանց քաղաքական հաշուեյարդարի, եւ ամէն ինչէ վեր եւ ամէն ինչէ առաջ կը պաշտպանէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը, հարցերը օրինական ձեւով լուծելու եղանակը, երկրի անդորրութիւնը եւ կայունութիւնը, եւ ամէնէն կարեւորը` երկրի սահմաններու անվտանգութիւնը:

Միթէ Դաշնակցութիւնը մեղաւո՞ր է, որովհետեւ 1990-ականներէն ի վեր, հակառակ իր դէմ յայտարարուած անողոք հակադաշնակցական պայքարին, Դաշնակցութեան ղեկավարներու վտարումին, բանտարկութիւններուն, քաղաքական հալածանքներուն եւ ֆիզիքական հարուածներուն, հակառակ իր սեփական կուսակցական եւ քաղաքական հաշիւներուն, վարկին, հեղինակութեան, ան տեւաբար առաջին պահակը հանդիսացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներազգային անդորրութեան եւ միասնականութեան եւ բնաւ չդիմեց քաղաքական արկածախնդրութեան:

Միթէ Դաշնակցութիւնը մեղաւո՞ր է, որովհետեւ ազգային արժէքները իրեն համար «կեղծ քադակորեա չէ», ինչպէս որ պարագան է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահի Լեւոն Տէր Պետրոսեանի:

Միթէ Դաշնակցութիւնը մեղաւո՞ր է, որովհետեւ կը ձգտի Սեւրի դաշնագրի պայմանագրութեան քաղաքական վերականգնման, եւ ամէն գնով կը հետապնդէ 1915-ի Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ համապատասխան հատուցումը:

Միթէ Դաշնակցութիւնը մեղաւո՞ր է, որովհետեւ ան կը հետապնդէ ու կը պաշտպանէ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը եւ համապատասխան քաղաքական կարգավիճակը:

Այսօր ժամանակն է սթափելու, ժամանակն է Նոր Հայաստանը ընդարձակելու, զարգացնելու, հզօրացնելու եւ բարեկարգելու:

Ժամանակն է սթափելու եւ հրաժարելու հայութիւնը պառակտող մարտավարութիւններէն եւ համախմբուելու, որովհետեւ հայ ժողովուրդը պատերազմի մէջ է տակաւին:

Ժամանակն է վերջապէս արմատախիլ ընելու ազգակործան հակադաշնակցական պայքարը, եւ միասնաբար կառուցելու համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտը հանդիսացող Նոր Հայաստանը:

12.08.2018

 

 

Ամօթը Միշտ Պարտուողին Փառքն Ու Պատիւը Միշտ` Յաղթողին (Պանք Օթոման 122-ամեակ)

0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Պանք Օթոմանի գրաւումը, հայ ժողովուրդի
կուտակուած զայրոյթին եւ անթեղուած
վրէժին ինքնաբուխ պոռթկումն էր:

Հրանդ Սամուէլ «Օրուան խօսքեր»

Տարօրինակ մղումով մը, շատ անգամ, վերաթարմանալու համար կը դիմես գրադարանիդ, որպէսզի աչքէ անցընես ընթերցած եւ չընթերցած գիրքերդ: Ի դէպ, հարկ է խոստովանիլ, թէ ընթերցում «հայցող» տարբեր բնոյթի հատորներ տակաւ կը շատնան, իրենց սուր եւ յանդիմանական «նայուածք»-ը քեզի ուղղելով եւ, այսպէս ըսած, զգաստութեան եւ լրջութեան սլաքներ արձակելով:

Զգաստութիւն` վերադառնալու ակունքներուն ու ընթերցման հրաշալի աշխարհին: Լրջութիւն` զերծ մնալու արուեստական պատճառաբանութենէ, ներկայ ապերախտ ժամանակն ու ծանրաբեռնուած կեանքը նզովելէ, արհեստագիտութեան զոհը դառնալէ եւ այլն:

Նման մտածումէ ետք, ահա, մեր ուշադրութեան կիզակէտին էր արդէն Հրանդ Սամուէլի «Օրուան խօսքեր» հատորը: Ինչպէս սովոր է, որեւէ գիրքի պարագային, կը սկսիս թղթատել բովանդակութիւնը եւ լոյսին բերել յիշատակելի տողերը, միտքերը, որոնք մելանով ընդգծուած են` յետ ընթերցման, օր մը զանոնք մէջբերելու յոյսով:

Կարծես եկած էր պահը: Երբեմնի վաստակաւոր դաշնակցական ղեկավար, գաղափարապաշտ գործիչ, ներհուն գրող եւ անխոնջ հրապարակագիր Հրանդ Սամուէլի գրիչին կը պատկանին վերոյիշեալ տողերը` նուիրուած Պանք Օթոմանի գրաւման 70-ամեակին: Ան «Յառաջ»-ի մէջ գրի առած է յօդուածը, 1966-ին:

Մէկ կողմէ` զարմացնողը կ՛ըլլայ այն, թէ ինչպէ՛ս իրերայաջորդ սերունդներու, յատկապէս գրող-հրապարակագիրներու մտածումներուն առանցքը եղած են հերոսական դէմքերն ու դէպքերը, զանոնք լիարժէքօրէն ներկայացնելու ճիգը, մղումը, եւ միւս կողմէ առկայծ մնացած է անոնց ներքին հպարտանքը, դաշնակացականի յանձնառութեամբ լոյսին բերելու յեղափոխական գործունէութեան գաղափարական իմաստն ու շեշտադրումը:

Արդ, Հրանդ Սամուէլ, շնորհիւ իր պերճ լեզուին եւ բիւրեղ տրամաբանութեան, կ՛անդրադառնայ յեղափոխական այս դէպքին, կը թուէ պատճառները, կը վերլուծէ օրուան քաղաքական ու զինուորական կացութիւնը, եւրոպական երկիրներուն ցոյց տուած երկդիմի կեցուածքն ու թրքամէտ քաղաքականութիւնը, հայութեան դէմ ի գործ դրուած նախճիրները, սպանդները, հալածանքներն ու բարբարոսային վարքագիծը, ապա կը մեծարէ յեղափոխական տղաքը, անոնց խիզախ ու յանդուգն արարքը:

14 օգոստոս 1896:

Պոլիս, կէսօրուան ժամը մէկ: Պանք Օթոման միջազգային դրամատունը կը գրաւուի 26 հայ յեղափոխականներու կողմէ, որոնք սպաննելէ ետք պահակները կը մտնեն ներս եւ կը յաջողին փակել մայր դուռը: Գործողութեան միտքը յղացող ու կազմակերպչական անդուլ աշխատանք կատարող Բաբգէն Սիւնի (Փարեան) կը նահատակուի դրամատուն մուտքի ատեն: Անմիջապէս ղեկավարութիւնը կը ստանձնեն Արմէն Գարօ եւ Հրաչ Թիրիաքեան:

Պոլսոյ ՀՅԴաշնակցութեան «Վիշապ»-ի Կեդրոնական կոմիտէն, ՀՅԴ Բիւրոյի հաւանութեամբ, կը նախաձեռնէ այս գործողութեան, երկու հիմնական առաջադրանք նկատի ունենալով. նախ` հարուածել թուրքը իր որջին մէջ, ապա` ցնցել միջազգային համայնքն ու անոր տնտեսական շահերը:

Տեղի կ՛ունենայ սաստիկ հրացանաձգութիւն, թրքական ոստիկանութիւնն ու բանակը կը դիմէ յարձակումներու, անոնք կը պաշարեն դրամատունը, փակելէ ետք ճանապարհները: Յեղափոխականները անվեհեր կը շարունակեն մարտերը, հակառակ անոր որ անոնց շարքերուն կային նահատակ թէ վիրաւոր տղաք:

Հետաքրքրական է, որ գրաւումէն ետք Լեւոն Նեւրուզ Պոլսոյ վեց եւրոպացի դեսպաններուն կը հասցնէ Պոլսոյ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին պահանջները, որոնք, խորքին մէջ, յստակօրէն բացատրութիւն կու տային գործողութեան տուն տուող պատճառներուն եւ նպատակին մասին:

Աննման դաշնակացական Բաբգէն Սիւնիի յղացած գործողութիւնը կ՛ընդգրկէր մեծ տարողութիւն: Արդ, դրամատան գրաւումին առընթեր պիտի ըլլային ռմբահարումներ, որոնք եթէ երբեք լրտեսներու կողմէ չբացայայտուէին, ապա կարմիր սուլթանի որջը ստացած պիտի ըլլար այնպիսի հարուած մը, որ պիտի շշմեցնէր օսմանցի թուրքն ու ատենի միջազգային համայնքը:

Փաստօրէն, հարուածող բազուկը ռումբեր պիտի տեղացնէր Սամաթիոյ զօրանոցին վրայ, հինգ անձնազոհ տղաներ Ղալաթիոյ կամուրջէն անցած ատեն ռումբ պիտի նետէին անցնող բանակի զօրագունդին վրայ, Կալաթասարայի մօտերը` թուրք բանակայիններ նոյնպէս թիրախ պիտի դառնային, եւ այս բոլորը ահ ու սարսափ տարածելու Պոլսոյ մէջ:

Դրամատան գործողութենէն մէկ օր առաջ Սամաթիոյ գործողութիւնը կը բացայայտուի լրտեսներու կողմ: Միսաքեաններու տան մէջ հաւաքուած տղաները կը պաշարուին, անոնք անձնատուր չեն ըլլար եւ կը մարտնչին մինչեւ վերջ: Քաջարի տղաներ` Խաչիկ Գնունի, Արտաշէս Միսաքեան եւ Արտաշէս Անդրէասեան կը նահատակուին եւ արեամբ կ՛որոգեն հայոց պատմութեան էջերը:

Միւս կողմէ, հարկ է յիշեցնել, որ, ստեղծուած իրավիճակին հակազդելով, թուրք խուժանը (քաղաքացի թէ բանակային), արդէն լծուած էր ահաւոր սպանդի, որ տեղի կ՛ունենար Պոլսոյ հայահոծ թաղամասերուն մէջ:

Պանք Օթոմանի դրամատան մէջ կային մեծ թիւով (120 հոգի) եւրոպացի պաշտօնեաներ, որոնց դէմ ոչ մէկ բռնարարք կը գործադրուի: Փաստօրէն, անոնք կը փոխադրուին ապահով սենեակ, զերծ մնալու համար վտանգէ: Աւելի՛ն. անոնց հետ յեղափոխական տղոց վերաբերումը կ՛ըլլայ այնքան քաղաքակիրթ, որ զարմանք կը պատճառէ բոլորին:

Դրամատունը գրաւած յեղափոխականներու դէմ իրերայաջորդ յարձակումներ տեղի կ՛ունենան, որպէսզի փշրեն տղոց դիմադրողական կամքն ու կորովը, սակայն ի զուր: Արմէն Գարոյի, Հրաչ Թիրիաքեանի, Վարդան Շահպազի ու այլ նուիրեալներու շնորհիւ գործողութիւնը կը տեւէ 18 ժամ եւ վերջ կը գտնէ միայն այն ատեն, երբ անոնց պահանջները ձեւով մը նկատի կ՛առնուին:   Փաստօրէն, եւրոպացի դեսպաններու եւ թուրք պետութեան միջեւ բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք տղաքը դուրս կ՛ելլեն դրամատունէն եւ կ՛ուղղուին նաւահանգիստ, ապա կը փոխադրուին Ֆրանսա:

Դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներու համար այս գործողութիւնը ո՛չ միայն եղած է ներշնչումի առիթ, այլ նաեւ` անկէ քաղուած են այնպիսի դասեր, որոնք յաւերժ են հայ յեղափոխական պատմութեան համար:

Փաստօրէն, 1894-1896 համիտեան ջարդերը, որոնք օսմանեան Թուրքիոյ գազանաբարոյ հակազդեցութիւնն էին, այսպէս ըսած, Պերլինի վեհաժողովին (1878) հայոց բարեկարգումներու մասին տրուած որոշումին, խորքին մէջ, ցոյց կու տար կարմիր սուլթանի հայոց բնաջնջումի հետեւողական վարքագիծը:

Պանք Օթոմանի գործողութիւնը ուղղակի հակազդեցութիւն էր այն ահաւոր ջարդերուն, որոնք տեղի ունեցան ամբողջ Արեւմտահայաստանի տարածքին, Կիլիկիոյ թէ Անատոլուիի հայահոծ գաւառներու թէ քաղաքներու մէջ, եւ որոնց զոհ գացին երեք հարիւր հազար անմեղ հայորդիներ:

Ճիշդ է, որ այս գործողութեան իբրեւ հետեւանք Պոլսոյ թաղերը արիւնով ներկուեցան, սակայն, ճիշդ է նաեւ այն, թէ արիւնառուշտ թուրքին պատճառ չէր պակսեր ի գործ դնելու` ցեղասպան ծրագիրը ընդդէմ հայ ժողովուրդին:

Եւ ահա այս պարունակի մէջ հարկ է դիտել եւ արժեւորել տղոց մարտունակ ոգիին եւ վրէժխնդրութեան իմաստը, որովհետեւ անոնք` հայ ասպետները, յանձինս Բաբգէն Սիւնիի եւ հաւատաւոր տղոց, կրցան մարմնաւորել հայութեան խիղճը, ոգին, պոռթկումը, ազգային արժանապատուութեան տէր կանգնելու խոր գիտակցութիւնը եւ թշնամին հարուածելու խիզախութիւնը:

Տղոց յանդգնութիւնը` թուրքի որջին մէջ տանելու կազմակերպական հսկայ աշխատանք, ռումբեր պատրաստելու եւ տեղափոխելու, մարզուելու եւ հարուածող ծրագիր ունենալու, արդէն ապացոյց են անոնց յաղթելու կամքին եւ թշնամին (թուրք թէ եւրոպացի) հարուածելու մտադրութեան:

Յայտնապէս, ատենի եւրոպական դրամատան գրաւումը կը միտէր ցնցել նաեւ շահերը այն երկիրներու, որոնց երկդիմի քաղաքական վարքագիծը միայն աւերներ եւ սպանդ պատճառած էր հայութեան: Անոնք` եւրոպացի քաղաքագէտներ, թուղթի վրայ կը հետապնդէին խողխողուող հայութեան բարեկարգումներու ծրագիրները եւ լպիրշ յորդորներ կը կարդային հայոց գլխուն:

Արդ, հայ յեղափոխականներու քաջածանօթ գործողութիւնը, եթէ երբեք ունի խորհուրդներով յագեցած պատգամ, ունի նաեւ հանապազօրեայ թելադրականութիւն` ապաւինիլ սեփական բազուկին, մտքին ու նախաձեռնութեան ոգիին` յանուն հայութեան իրաւունքներու ձեռքբերման:

Մեծագոյն ապացոյցը` Արցախի ազատագրական սուրբ պայքարը:

11 օգոստոս 2018

 

Կայուն Զարգացումը Սերունդներու Միջեւ Համերաշխութեան Եւ Ազգի Շարունակականութեն Գրաւականն Է

0
0

Ստորեւ կը ներկայացնենք «ՀՅԴ սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթներ»-ու շնորհահանդէսի բացման ընթացքին` գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեանին արտասանած խօսքը:

Այսօր մենք հանրութեան դատին ենք ներկայացնում ՀՅԴ սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները, մեր տնտեսական դոկտրինը (սկզբունքը, վարդապետութիւնը-Խմբ.): Փաստաթուղթը դեռեւս նախագծի վիճակում է եւ ներկուսակցական ու աւելի լայն ֆորմատով (ձեւաչափով-Խմբ.) քննարկումների արդիւնքներով կը բիւրեղանայ ու կը դառնայ այն ուղեցոյցը, որի հիման վրայ կը մշակուեն հետագայ, աւելի գործնական նշանակութիւն եւ ուղղուածութիւն ունեցող տնտեսական փաստաթղթերը, որոնցմով մենք կ՛առաջնորդուենք տնտեսական քաղաքականութիւն իրականացնելիս: Փաստաթղթի մշակումը սկսուել էր դեռեւս ձմրանը: Ժողովրդի գարնանային քաղաքական զարթօնքը եւ յեղափոխութիւնը եկան փաստելու, որ մեր մօտեցումները ճիշդ են եւ հիմնարար:

Ցանկացած քաղաքականութիւն կառուցւում է արժէքային համակարգի վրայ: Դաշնակցութեան արժէքային համակարգը Հայ դատի եւ հայոց պահանջատիրութեան ասպարէզում յստակ է եւ անբեկանելի: Այսօր` Սեւրի դաշնագրի ստորագրման 98-րդ տարեդարձին մենք եւս մէկ անգամ բարձրաձայնում ենք, որ հայ ժողովուրդն ունի իրաւունքներ, եւ մենք մեր իրաւունքների պահանջատէրն ենք: Միացեալ Հայաստանի գաղափարը մեր հիմնարար արժէքն է: Մեր քաղաքականութիւնն արտաքին յարաբերութիւններում խարսխուած է մեր հէնց այդ հիմնարար արժէքի վրայ եւ միտուած է հայ ժողովրդի իրաւունքների վերականգնմանը:

Ազգային կուսակցութիւն լինելուց բացի` մենք նաեւ ընկերվարական կուսակցութիւն ենք, Ընկերվար միջազգայնականի` Սոցինտերնի լիիրաւ անդամ, Եւրոպայի խորհրդի խորհրդարանական վեհաժողովում Դաշնակցութիւնն անդամակցում է Եւրոսոցիալիստների խմբակցութեանը: Երկկողմանի սերտ յարաբերութիւններ ունենք ընկերվարական կուսակցութիւնների հետ` աշխարհով մէկ: Այսօրուայ մեր հաւաքի նպատակն է ներկայացնել մեր, որպէս ընկերվարական, սոցիալիստական կուսակցութեան արժէքային համակարգը եւ դրանից ածանցուող հիմնական սոցիալ-տնտեսական մօտեցումները:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ Հայաստանը ինքնիշխան, ժողովրդավարական, սոցիալական, իրաւական պետութիւն է: Սոցիալական պետութիւնն ապահովում է իր քաղաքացիների տնտեսական եւ սոցիալական բարեկեցութիւնը: Նրան է վերապահւում իր քաղաքացիների սոցիալ-տնտեսական բարեկեցութեան խթանման առանցքային դերը` հիմնուած հնարաւորութիւնների հաւասարութեան, եկամուտների վերաբաշխման եւ բարեկեցիկ կեանքի նուազագոյն պայմաններն ինքնուրոյն ապահովել անկարող անձանց պետական աջակցութեան սկզբունքների վրայ: ՀՅԴ ընկալմամբ սոցիալական պետութեան հիմնական առաքելութիւնն իր քաղաքացիներին աղքատութիւնից զուրկ կեանքի ապահովումն է:

Սոցիալական պետութեան ընկալումը բխում է կուսակցութեան տնտեսական եւ ընկերային բնագաւառի հիմնարար արժէքներից` ազատութիւն, արդարութիւն, համերաշխութիւն:

Ազատութիւնը բացառում է որոշումների կայացումը պարտադրանքի կամ սպառնալիքի տակ: Դրանով կանխւում են պետութեան կամ հասարակութեան կողմից կամայական ոտնձգութիւնները կամ սահմանափակումները: Իրական ազատութեան կարելի է հասնել, երբ ապահովուած են տնտեսական եւ ընկերային նախադրեալները, մարդն ունի սոցիալական երաշխիքներ, որոնք ապահովում են նրա ազատ կամարտայայտութիւնը եւ ազատօրէն որոշումներ կայացնելու հնարաւորութիւնը:

Արդարութիւնը ենթադրում է կատարած աշխատանքի դիմաց համարժէք վարձատրութիւն, ինչպէս նաեւ սոցիալական ապահովութեան հաւասար երաշխիքներ` անկախ ընտանեկան դրութիւնից, սեռից, տարիքից, սոցիալական ծագումից, ունեցուածքից եւ այլ տարբերակիչ յատկանիշից:

Համերաշխութիւնը մարդկանց` միմեանց նկատմամբ պատասխանատուութիւն կրելու եւ փոխադարձաբար օգնելու պատրաստակամութիւնն է: Համերաշխութիւնը հասարակութեան շաղախն է: Այն իրար է կապում ուժեղին եւ թոյլին, հարուստին եւ աղքատին, երիտասարդին եւ ծերունուն: Որեւէ ազգ կամ պետութիւն չի կարող դիմագրաւել արտաքին մարտահրաւէրներին, եթէ այն ներսից համերաշխ չէ: Դաշնակցութեան ընկալմամբ,  հասարակութեան համերաշխութիւնը լոկ բարեգործութիւն կամ ալտրուիզմ (այլասիրութիւն-Խմբ.) չէ, համերաշխութիւնը գոյատեւման եւ ազգի տեսլականին հասնելու գրաւական է:

Ահա այս արժէքային համակարգից է ածանցւում մեր սոցիալ-տնտեսական դոկտրինը, տնտեսական քաղաքականութեան մեր հիմնարար սկզբունքները.

– Տնտեսական աճ
– Սոցիալական արդարութիւն
– Կայուն զարգացում

Ընդ որում, այս երեք սկզբունքները հաւասար են: Տնտեսական աճը երբեք չի կարող առաւել առաջնային լինել, քան` կայուն զարգացումը, երբ տնտեսական աճն ապահովւում է բնութեան աղտոտման կամ բնական պաշարների անխնայ շահագործման հաշուին, կամ էլ` սոցիալական արդարութիւնը, երբ տնտեսական աճի պտուղները համտեսում են միայն հասարակութեան «ընտրեալները»:

Ես կը խօսեմ շատ համառօտ:

Տնտեսական աճի ապահովման մի քանի հիմնարար մօտեցում կայ: Ազատականներն (լիպերալները) ասում են` թողէք մարդուն ազատ, մի՛ փորձէք ամէն ինչ կարգաւորել ու կանոնակարգել եւ ազատ մարդը կ՛ինքնադրսեւորուի, կը ստեղծի արդիւնք, կը դառնայ տնտեսութեան լոքոմոթիվը (վայրաշարժը-Խմբ.) եւ կ՛ապահովի տնտեսական զարգացումը: Սոցիալիստների համար այս մօտեցումն ընդունելի չէ: Անհատը պատասխանատու է սոցիումի (ընկերութեան-Խմբ.) առաջ, սոցիումը պատասխանատու է անհատի համար: Բոլորը մէկի եւ մէկը բոլորի համար: Ազատականների գովերգած շուկայի անտեսանելի կարգաւորիչ ձեռքը չի գործում, շուկաները չեն ինքնակարգաւորւում: Դրա վկայութիւններն են տնտեսական ճգնաժամերը եւ հասարակութեան բեւեռացումը: Անհրաժեշտ է պետութեան միջամտութիւնը` վերացնելու շուկայի ձախողումները, իսկ որոշ դէպքերում նաեւ առաջնորդելու տնտեսութեան աճը: Մենք մերժում ենք թէ՛ վայրի կապիտալիզմը (դրամտիրութիւնը-Խմբ.), թէ՛ պետական կոմունիզմը: Պետական միջամտութեան ոլորտում մենք առաջնորդւում ենք` «Այնքան շուկայ, որքան հնարաւոր է, այնքան միջամտութիւն, որքան անհրաժեշտ է» սկզբունքով: Պետական կշռադատուած միջամտութեամբ բարեկեցիկ հասարակութեան մէջ է, որ անհատը կարող է իրեն ազատ զգալ:

Սոցիալական արդարութիւնը Դաշնակցութեան համար հիմնական օրակարգ է: Սոցիալական արդարութիւնը սոցիալական պետութեան հիմնքն է, այն երաշխաւորում է հասարակութեան համերաշխութիւնը, ինչն արտաքին մարտահրաւէրների պայմաններում ազգային անվտանգութեան խնդիր է: Տնտեսական արժէք ստեղծւում է հասարակութեան ջանքերով: Իւրաքանչիւր ոք, ով ներդրում է ունեցել տնտեսական արժէքի ստեղծման մէջ, պէտք է իր արդար բաժինը ստանայ: Այլապէս կ՛ունենանք այն, ինչ որ ունենք: Վերջին տասը տարիների ընթացքում տնտեսութիւնն անշեղօրէն աճում է, բայց անշեղօրէն աճում է սոցիալական բեւեռացում: Սա բերում էր արտագաղթի ու պետութիւնից օտարման: Բայց ժողովրդի համբերութեան բաժակը լցուեց, եւ ժողովուրդը դուրս եկաւ փողոց: Սոցիալական պետութեան պարտաւորութիւնն է նաեւ պատշաճ խնամք եւ հոգատարութիւն ապահովել բոլոր նրանց համար, ովքեր ունեն դրա կարիքը, ապահովել մարդկանց սոցիալ-աշխատանքային երաշխիքները: Սոցիալական պետութիւնում սեփականութեան եւ ժառանգականութեան իրաւունքներն անձեռնմխելի են, բայց պէտք է գիտակցենք, որ սեփականութիւնը, իրաւունքից զատ, բերում է նաեւ պատասխանատուութիւն:

Եւ վերջապէս` կայուն զարգացում: Կայուն զարգացումը սերունդների միջեւ համերաշխութեան եւ ազգի շարունակականութեան գրաւականն է: Պետութեան քաղաքականութիւնը պէտք է ուղղուած լինի բնական պաշարների գերշահագործումը, հիւծումը բացառելուն, շրջակայ միջավայրի, այդ թւում` մարդու կեանքի եւ առողջութեան վրայ բացասական ազդեցութիւնը նուազեցնելուն, բնական պաշարների համալիր կառավարմանը եւ դրանցից ստացուող եկամուտների արդար բաշխմանը հասարակութեան բոլոր անդամների միջեւ: Բնական պաշարները հողը, ընդերքը, ջուրը, կենդանական ու բուսական աշխարհը, անտառը, բնական բնավայրերն ու մթնոլորտային օդը, համաժողովրդական սեփականութիւն են: Սակայն կայուն զարգացումը միայն բնապահպանութիւնը չէ: Կայուն տնտեսական զարգացումը պահանջում է, որ այսօրուայ քաղաքականութիւնը պէտք է միտուած լինի նաեւ վաղուայ բարեկեցութեան ապահովմանը: Այս նպատակով սոցիալական պետութիւնն էական ներդրում է կատարում կրթութեան, առողջապահութեան, հիմնարար հետազօտութիւնների ու ենթակառուցուածքների զարգացման ուղղութեամբ:

Ի մի բերելով Դաշնակցութեան սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները` կարող ենք փաստել: Մեր քաղաքականութիւնը միտուած է`

1.- Առաջանցիկ կշռոյթով արդիւնք ստեղծելուն,
2.- Ստեղծուած արդիւնքն արդար կերպով հասարակութեան անդամների միջեւ բաշխելուն,
3.- Ստեղծուած արդիւնքը ներկայ եւ գալիք սերունդների միջեւ արդար եւ պատասխանատու կերպով բաշխելուն:

 

«Ափըլ» Յայտարարած Է, Որ «Այֆոն»-ը Օգտագործողներու Ձայնը Չ՛արձանագրեր Առանց Անոնց Գիտութեան

0
0

«Ափըլ» ընկերութեան ղեկավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներուն տեղեկացուցած է, որ «ԱյՖոն» սմարթֆոններու օգտագործողներ ձայնի արձանագրութիւն չեն կատարեր, առանց անոնց գիտութեան, ընկերութիւնը նաեւ չ՛արտօներ այդ մէկը ընել կողմնակի յաւելուածներու: 7 օգոստոսին այս մասին յայտնած է «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Ըստ գործակալութեան, «Ափըլ» նամակ յղած է ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի ներկայացուցիչներու պալատի ուժանիւթի եւ առեւտուրի կոմիտէի անդամներու հարցումին, որոնք ընկերութենէն պահանջած էին մեկնաբանել լրատուամիջոցներուն մէջ շրջան ընող այն պնդումները, թէ վերջինիս սարքերը իբր թէ կ՛արձանագրեն օգտագործողներու ձայները առանց անոնց արտօնութեան: Կասկածները կը վերաբերէին «Սիրի» ելեկտրոնային ձայնային օգնականին: Անկէ օգտուելու համար օգտագործողը պէտք է ըսէ` «Բարե՛ւ, Սիրի»:

Ընկերութիւնը քոնկրեսականներուն յղած նամակին մէջ հաստատած է, որ իր սմարթֆոնները տեղեկատուութիւն չեն հաւաքեր օգտագործողին գտնուած վայրին մասին այն պարագային, երբ համապատասխան գործառոյթները անջատուած են, հաղորդած է ԹԱՍՍ:


«Հուաուի»-ն Սմարթֆոներու Վաճառքներու Կտրուկ Աճ Արձանագրած Է

0
0

«Հուաուի» չինական ընկերութիւնը հաշուետուութիւն ներկայացուցած է 2018-ի առաջին կիսամեակին մանրածախ ցանցի աշխուժ ընդլայնման ընդհանուր պատկերին` սմարթֆոներու վաճառքներու աճին վերաբերեալ:

Ըստ ընկերութեան մամուլի տեղեկագիրին, յունուարէն յունիս ամիսներուն վաճառուած է 95 միլիոն սմարթֆոն: Աւելի առաջ «Հուաուի» հաղորդած էր, որ անցեալ տարուան համապատասխան ժամանակաշրջանին  վաճառքները կազմած են 73 միլիոն, այսինքն տարեկան աճը գերազանցած է 30 տոկոսը: Մասնաւորապէս, ընկերութիւնը կը նշէ լուսանկարելու ժամանակ արհեստական նորութիւններու ներառուած գործառոյթով «Փի20» շարքի սմարթֆոներու եւ «Մէյթ 10» շարքի սարքերու յաջողութիւնը. անոնց համաշխարհային վաճառքները անցած կիսամեակին կազմած են աւելի քան 9 միլիոն եւ 10 միլիոն` համապատասխանաբար:

Բացի սմարթֆոներէն, «Հուաուի ուէրապլզ» ժամացոյցներու վաճառքը նախորդ տարուան համեմատութեամբ աւելցած է 147 առ հարիւրով:

Անցեալ շաբաթ «Այ.Տի.Սի.» հետազօտական ընկերութիւնը նախնական ցուցանիշներ հրապարակած էր երկրորդ եռամսեակին սմարթֆոներու համաշխարհային շուկայի վերաբերեալ: Ըստ ընկերութեան, «Հուաուի»-ն աշխարհի վրայ վաճառքներու ցուցանիշով սմարթֆոներու մեծագոյն արտադրողներու ցուցակին մէջ բարձրացած է երկրորդ դիրք` զայն աւելցնելով 40,9 առ հարիւրով: Այս պատճառով անոր բաժինը համաշխարհային շուկայի վրայ կազմած է 15,8 առ հարիւր` «Ափըլ»-ի 12,1 առ հարիւրին դիմաց:

«Հուաուի» նաեւ յայտարարած է մինչեւ 2018-ի վերջը եւս 10 հազար խանութ եւ 700 բազմագործօն կեդրոն բանալու իր մտադրութեան մասին: Ներկայիս աշխարհի վրայ կը գործէ աւելի քան 53 հազար խանութ եւ 3,5 հազար կեդրոն, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»:

«Ֆէյսպուք»-ի Տեղեկատուական Անվտանգութեան Տնօրէնը Յայտարարած Է Պաշտօնէն Հրաժարելու Մասին

0
0

«Ֆէյսպուք»-ի տեղեկատուական անվտանգութեան տնօրէն Ալեքս Սթամոսը յայտնած է, որ 17 օգոստոսին պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն:

Մարտին «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը վկայակոչելով իրազէկ աղբիւր մը` յայտնած էր, որ Սթամոսը կը պատրաստուի պաշտօնէն հրաժարելու ապատեղեկատուութեան տարածման դէմ պայքարին ընկերային ցանցի դերին շուրջ առկայ ներքին տարաձայնութիւններու պատճառով:

«Ֆէյսպուք»-ի մէջ վերջին օրս պիտի ըլլայ 17 օգոստոսը, ու թէեւ այլեւս պիտի չվայելեմ այնտեղ ընկերներուս հետ կողք-կողքի աշխատելու հաճոյքը, սակայն ուրախ եմ, որ կան նուիրուած, խելացի եւ հմուտ մարդիկ, որոնք պիտի շարունակեն լուծել այդ խնդիրները», իր «Ֆէյսպուք»-ի էջին վրայ գրած է Սթամոսը:

Նախապէս Մարք Զաքըրպըրկը յայտարարած էր, որ իր ընկերութիւնը պիտի օգտագործէ արհեստական միտքը` հեռացնելու համար այն կեղծ էջերը, որոնք պատասխանատու են «Ֆէյսպուք»-ի սուտ նորութիւններու զգալի մասին եւ ապատեղեկատուութեան, հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթի:

Պրայլի Աստուածաշունչ` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանին

0
0

ՔԱՀԼ-ի (Center for Armenian Handicapped in Lebanon) տնօրէնութիւնը, գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանին նուիրեց Պրայլի համակարգով հայ աչազուրկներու համար պատրաստուած հայերէն Աստուածաշունչի հատորներու ժողովածուն:

Ժողովածուն տպուած է 1953-57 տարիներուն:

Շնորհակալական նամակին մէջ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն  Տիգրան Զարգարեանը կը յայտնէ. «Հազուադէպ այս Աստուածաշունչը կը գրաւի արժանի տեղ` Մայր Գրադարանի «Արեւ» ընթերցասրահում եւ իր անփոխարինելի հոգեւոր ծառայութիւնը կը մատուցի տեսողական խնդիրներ ունեցող մեր ընթերցողներին»:

Յառաջիկային կը ծրագրուի Ազգային գրադարանի աչազուրկներու բաժինը համալրել այլ հրատարակութիւններով եւս:

 

Հայաստան. «Թաւշեայ Յեղափոխութենէն» Ետք Դէպի Ո՞ւր –Ա.

0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Դրական Զարգացումներու Ենթահողը

Այս օրերուն Հայաստանի նոր իշխանութիւնը կը կտրէ հոգեբանական հանգրուան մը. Նիկոլ Փաշինեանի հռչակած «Թաւշեայ յեղափոխութեամբ» կազմաւորուած նոր իշխանութիւնը, որ լոկ կառավարական փոփոխութիւն չէր, այլ, բառին լայն իմաստով, իշխանափոխութիւն` խաղաղ յեղաշրջումի միջոցով, կը բոլորէ առաջին 100 օրերու շրջանը, որ, ըստ քաղաքական աշխարհի աւանդութիւններուն, բաւարար ժամանակ կը նկատուի նորեկին բռնած ուղղութիւնն ու ծրագիրները կշռադատելու համար: Սա պայմանական ժամանակաշրջան մըն է անշուշտ, հետեւաբար նոր իշխանութեան մը նկարագիրին յստակացման համար երբեմն պէտք չ՛ըլլար այդքան սպասել, կամ ալ անհրաժեշտ կ՛ըլլայ աւելի երկար սպասել:

Բոլոր եղելոյթները ցոյց կու տան, որ 100 օրերու պայմանական այս շրջանը բաւարար չէ լիարժէք վկայական մը տալու նոր իշխանութեան, որ մայիսէն ի վեր իրագործեց ահագին դրական քայլեր, ստեղծեց յոյսի մթնոլորտ, ուրախութիւն տարածեց ժողովուրդին մէջ, սակայն նաեւ պէտք է անդրադառնալ, որ ստեղծուած փոթորիկէն բարձրացած փոշին պէտք է «նստի», ժողովուրդի զգացումներու հրահրումով (populism) ու անոր ալիքներուն վրայ ստեղծուած զգացականութեան փուլը պէտք է մեր ետին թողունք, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչպիսի՛ մեծ հարցականներ կը կանգնին իշխանութեան ու անոր հետ` մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին դիմաց: Վարչապետ Փաշինեանին` հրաւիրած հանրահաւաքը` 100 օրերու լրումին առիթով, 17 օգոստոսին, վստահաբար ընդհանուր պատկեր մը պիտի պարզէ առաւելաբար դրական իրագործումներուն մասին:

***

Առաջին ակնարկով անվիճելի է, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած է դրական զարգացումի երթ մը, արձանագրուած են շօշափելի քայլեր, որոնք բարիք կը բերեն, կամ` կը խոստանան երկրին ու ժողովուրդին, յոյսով կը համակեն նաեւ սփիւռքեան գաղութները: Բարիին սպասումի ԶԳԱՑՈՒՄը տիրապետող է ամէն տեղ` հիմնուելով ընդհանրապէս խաղաղօրէն իրականացող քայլերուն վրայ:

Եթէ պահ մը ետքայլ ընենք եւ վերադառնանք իշխանափոխութիւնը կանխող օրերուն, ա՛յն օրերուն, երբ Փաշինեանը «Իմ քայլը» նշանախօսքով ճամբայ հանեց իր շարժումը եւ հասաւ Երեւանի փողոցները ցուցարարներով ողողելու փուլին, պիտի յիշենք, որ յեղաշրջական գործողութիւնները ընթացան գրեթէ անարիւն եւ առանց բիրտ ուժի գործածութեան: (Արդէն մոռցուած են իսկապէս մանր միջադէպերը, կամ` որոշ հաստատութիւններէ ներս բռնի ուժով մուտք գործելու Փաշինեանին ու ընկերակիցներուն արարքները` ուսանողներ ցոյցին միացնելու նպատակով): Անարիւն յեղաշրջումին մէջ պէտք չէ բոլորովին անտեսել այսօր արդէն ընդդիմադիր դարձած եւ փլուզումի վիճակ պարզող նախորդ իշխանաւորներուն «կրաւորական» դերակատարութիւնը, որովհետեւ հակաշարժում մը, եթէ փորձուէր, անկախ յաջողելու-ձախողելու հաւանականութիւններէն, կրնար ծանր հետեւանքներ ու հետքեր ունենալ: Աչքի առջեւ ունինք աշխարհի մօտակայ կամ հեռաւոր երկիրներու մէջ, ընտրութեանց ճամբով կամ ուժի գործածութեամբ, իշխանափոխութեան բազմաթիւ օրինակները: Մեր հայրենիքն ալ նման դառն փորձառութիւններ ապրած է անցեալ տասնամեակներուն:

Իշխանափոխութենէն ետք ընթացք առաւ ապահովութեան ամրապնդման եւ ապօրինութիւններու` պաշտօն չարաշահողներու, պետական ինչքեր իւրացնողներու, օրինազանցներ, մենաշնորհներ ստեղծողները եւ տուրքերէ խուսափողները կարգի բերելու գործընթաց մը, որ բնականաբար մեծ գոհունակութեամբ դիմաւորուեցաւ ժողովուրդին կողմէ: Շղթան կ՛երկարի ամէն օր: Բացայայտումները ստեղծեցին վիճակ մը, որ մեր յիշողութեան մէջ արթնցուց քաղաքական վաղեմի մանրավէպ մը. տասնամեակներ առաջ տեղ մը կարդացած ենք հետեւեալը. փտածութեամբ ծանօթ երկրի մը մէջ, խմբագիր մը օր մը հրատարակած է սուր քննադատական յօդուած մը, որուն խորագիրն էր մօտաւորապէս հետեւեալը` «Մեր երկրին պետական պատասխանատուներուն 50 առ հարիւրը գող-աւազակներ են»: Հրապարակումը մեծ փոթորիկ ստեղծած է եւ պետական պատասխանատուներ հարկադրած են, որ յօդուածագիրը հերքում մը հրատարակէ: Յաջորդ օրը սրամիտ յօդուածագիրը հրատարակած է կարճ «հերքում» մը, զոր խորագրած է` «Մեր երկրին պետական պատասխանատուներուն 50 առ հարիւրը գող-աւազակներ ՉԵՆ…»:

Հայաստանի պարագային, վերջին ամիսներու բացայայտումները, պատկերասփիւռէն ամէն օր ցոյց տրուած օրինազանցութիւնները (շղթան անվերջանալի կը թուի) եկան մեզ համոզելու, որ մեր հայրենիքին մէջ ալ յիշեալ մանրավէպին կրկնօրինակը տեղի ունեցած է գրեթէ ամէն ոլորտի մէջ: Չարաշահութեան ու աւազակութեան, պաշտօնի շահագործման արարքներ գործուած են պետական մարդոց, անոնց ազգականներուն, գործակիցներուն, դպրոցական-կրթական, բժշկական, առեւտրական, մարզային ու մինչեւ իսկ գիւղական ոլորտներու մէջ. բացայայտումներէն մէկ քանին ստեղծեցին ռումբի պայթիւնի ներգործութիւն` աւելի եւս մտրակահարելով նախկին իշխանաւորներուն ու անոնց գործակատարներուն հանդէպ ժողովրդային ընդվզումի նժոյգը, սակայն նաեւ քողարկուած պահեցին նման արդար հետապնդումներու միջոցով… քարոզչական արշաւները:

Հիմա, ծայր առած երթը, որ դրուած է արդարութիւն իրագործելու եւ չարաշահութեանց վերջ տալու խորագիրին տակ, ցնծութեան ալիք մը տարածած է ժողովուրդին մէջ` արձագանգներ գտնելով սփիւռքի տարածքին: Մարդիկ մինչեւ իսկ պատրաստ են մոռնալու, որ իշխանութիւններուն, մենաշնորհեալներուն եւ չարաշահողներուն դէմ քննադատական ձայներ բարձրացած են ու ահազանգեր հնչած` տարիներէ ի վեր, սկսեալ այն օրերէն, երբ… աւելի քան 25 տարի առաջ վերանկախացած Հայաստանի մէջ սկսաւ ձեւաւորուիլ նոր իշխանութիւն, նախագահներ յաջորդեցին իրարու, տեղի ունեցան բազմապիսի բռնարարքներ,  ժողովրդավարութեան ոտնակոխման գլխագիր դէպքեր, քուէարկութիւններու ատեն աղաղակող զեղծումներ… Նախարարներ ու բարձրասիճան պաշտօնատարներ «բռնուեցան» չարաշահութեան, պաշտօնի շահագործման, ապօրինի հարստացման եւ նման յանցանքներու մէջ, նախարարի մը դէմ մինչեւ իսկ միջազգային ոստիկանութեան կողմէ հետապնդումի քայլեր առնուեցան: Երկրին մէջ զարգացաւ սակաւապետներու դասակարգ մը` իր բոլոր հետեւանքներով, իշխանութիւններ քանիցս խոստացան, օրինակի համար, «օֆշորային գործառնութիւնները» կասեցնել ու պետութեան իրաւունքները վերահաստատել, սակայն գործնապէս շատ բան չեղաւ. հարստացող անուանի ու շուքի մէջ մնացած պատասխանատուներ, իրենց ապահոված հսկայական հարստութիւններով, այլ երկիրներ «ապաստանեցան» (շատեր ապահոված էին տարբեր երկիրներու քաղաքացիութիւն), եւ Հայաստանը թողուցին տնտեսական-ընկերային տագնապներու ոլորապտոյտին մէջ, մտրակահարեցին արտագաղթը, մաշեցուցին երկրին բնական հարստութիւններէն սպասուող բարիքները… Այս բոլորը յաճախ սուր քննադատութիւններու եւ հրապարակային բացայայտումներու նիւթ եղան, սակայն մարդիկ շարունակեցին «իրենց էշը քշել» իրենց հասկացած ձեւով, իրենց շահերը` փոքրամասնութեան մը շահերը պահպանելու բծախնդրութեամբ: Աւելորդ է ըսել, որ անցեալ տասնամեակները ձեւով մը նորատիպ կրկնօրինակն էին խորհրդային տարիներու մենաշնորհեալներու գործունէութեան. այդ օրերուն ալ կար հովանաւորի-հովանաւորեալի քողարկեալ դրութիւն մը, ամբողջ համակարգ մը, որ պարուրուած էր կուսակցական պատկանելիութեան դրօշով:

Այս բոլորը յիշելու համար պէտք է հեռու մնալ տրամաբանութենէն այն ժողովուրդներուն, որոնց յիշողութեան թելը կարճ է` իբրեւ հետեւանք իշխանաւորներու ուղղակի եւ անուղղակի քարոզչութեանց. ի մտի ունինք հաւաքական յիշողութիւնը: Ըսել կ՛ուզենք` Փաշինեան խորքին մէջ նոր բան չըսաւ դառն իրականութիւններուն մասին, թէեւ երբեմն կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը (եւ սա բնական է նոր իշխանութեան ի նպաստ ենթահողի տարածման դիտանկիւնէն), որ «անիւի գիւտը նոր կը կատարուի» Հայաստանի մէջ: Փաշինեանին ու գործակիցներուն հիմնական տարբերութիւնը այն եղաւ, որ անցեալի թերութիւններուն ու վէրքերուն դարմանումին համար մայիսէն ի վեր ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ ճամբայ ելած են, օրինազանցներն ու չարաշահողները յականէ անուանէ ծանօթ են հիմա (թէեւ բոլորովին անծանօթներ չէին Մայիսէն առաջ), հետեւաբար բնական է, որ ժողովուրդն ու Հայաստանի բարօրութեան նախանձախնդիր ոեւէ հայ ցնծութեամբ լեցուի, յոյսով դիտէ ապագան:

Խորքին մէջ նախկին իշխանութիւններուն պատճառած դժգոհութեան ալիքն էր, որ հիմնական դեր ունեցաւ ժողովուրդը Նիկոլ Փաշինեանի շուրջ մագնիսացնելու մէջ: Սա տարօրինակ վիճակ չէ. երբ զանգուածը դժգոհ է ղեկավար անձէ մը կամ խմբակէ մը, բնականաբար կը թեքի դէպի զայն դատափետողն ու անոր չարիքները դարմանել փորձողը, նոյնը չկրկնել խոստացողը, միաժամանակ դուռը լայն բանալով populism-ի ալիքին դիմաց: Նոր իշխանութեան մարդիկը ամէն օր կը կրկնեն այս խոստումը, գործնական քայլերով ցոյց կու տան իրենց լրջութիւնը: Սա առանձնակի երեւոյթ չէ Հայաստանի պարագային, թէեւ մենք միշտ ալ նախընտրած ենք շատ չդիտել մեր շուրջբոլորը, եւ բաւականանալ մեր «փոքր ածու»-ին իրադարձութիւններով: (Այս տողերը չենք արձանագրեր դրական զարգացումը նսեմացնելու դիտաւորութեամբ, այլ` իրապաշտութեան միտումով):

Դրական մէկ այլ իրականութիւն է այն, որ Հայաստանի մէջ իշխանութեան հասած է երիտասարդներու սերունդ մը, կառավարական թէ այլ ոլորտներու մէջ, որոնք փաստօրէն կը ներկայացնեն Հայաստանի վերանկախացման յաջորդող փուլին Երկրորդ Սերունդը: Նախարարներ ու վարչամեքենային մէջ պատասխանատուութեանց կոչուողներէն շատեր մօտաւորապէս տարեկից են վերանկախացած Հայաստանին, իսկ ուրիշներու մասին կրնանք ըսել, որ հազիւ պատանի էին կամ երիտասարդութեան սեմը կը թեւակոխէին վերանկախացումի օրերուն, հասակ առին յետխորհրդային` նոր ձեւաւորուող պայմաններուն մէջ: Այս իրականութիւնը աչքի առջեւ ունենալով, ժողովուրդը ինքն իրեն իրաւունք կու տայ դառնալու աւելի՛ յուսալից` ակնկալելով, որ երիտասադներ նոր ուժ, նոր կորով ու նոր տեսլական խոստանան, հոգ չէ թէ կրնան սխալներ ալ գործել, յառաջ երթալ` «իյնալ-ելլելով»:

Դրական զարգացումներու սիւնակը կրնանք երկարել, սակայն բաւականանանք արձանագրելով մէկ քանի նկատողութիւն եւս: Անոնց շարքին (եւ այս մասին գրեթէ չի խօսուիր), Հայաստանի դրամին կայուն ըլլալն է. օտար դրամանիշներու սակարանը ցնցում չապրեցաւ, սպառողական շուկան ալ ընդհանրապէս մնաց կայուն, մինչդեռ Հայաստանի պէս փոքր երկրի մը համար նման յեղաշրջական ընթացք կրնար անդրադարձ ունենալ նիւթական-սակարանային գետնի վրայ` մատնելով արտաքին ազդեցութիւններու ոլորտ մը (Հայաստանին դրացի կամ հեռաւոր երկիրներու տնտեսական անկումներն ու անոնց ետին շարժող ձեռքերը, դիտաւորութիւնները ծանօթ են բոլորիս): Զուգահեռաբար, եւ Հայաստան իր արտաքին յարաբերութիւնները ըստ էութեան ցարդ կը պահէ անփոփոխ, կը փորձէ շրջանի  ու աշխարհի մեծ ուժերուն հետ հաւասարակշռութիւն պահել, նաեւ աչքերը կ՛ուղղէ դէպի աւելի հեռաւոր հորիզոններ: Բացայայտ կը թուի, որ նոր իշխանութիւնը կը շարունակէ նախկին իշխանութիւններուն իրագործած քայլերը` անկախ այն հարցականներէն, թէ նախկիններուն ո՞ր քայլերը արդիւնաւոր եղած են կամ ամլութեան ու տեղքայլի մատնուած: Այս կէտերը կարելի է արձանագրել Հայաստանի նկատմամբ միջազգային վստահութեան մթնոլորտը ամրապնդելու ճիգերուն սիւնակին տակ, մանաւանդ որ նոր իշխանութեան ներկայացուցիչները` վարչապետ, փոխվարչապետ, հանրապետութեան նախագահ եւ նախարարներ, քանիցս բացայայտ դարձուցին, որ Հայաստանի տնտեսութեան բարելաւումը առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ իրենց համար, փորձեցին եւ կը փորձեն արտաքին նիւթական օժանդակութիւնները աւելցնել, նոր ներդրումներ ապահովել` խոստանալով ներդրողներու շահերուն պահպանումը: Զուգահեռաբար, հաւաստիքներ կը լսենք, որ արտագաղթի հոսանքը կասեցուած է:

Դրական երեսին այս պատկերը եզրակացնելու համար կրնանք ըսել, որ Հայաստան, «Թաւշեայ յեղափոխութեան» ճամբով թեւակոխած է բարեշրջման եւ յոյսի «դարաշրջան» մը. այս ընթացքը դիտողը կը յուսայ, որ Հայաստանի նոր իշխանութիւնը նոյն ընթացքը շարունակէ` առանց իյնալու «իշխանութեան թակարդ»-ին մէջ. ժամանակակից պատմութիւնը հարուստ է բազմաթիւ դառն փորձառութիւններով, երբ ժողովրդային լայն զօրակցութեան ալիքի` populism-ի  վրայ նաւարկելով իշխանութեան հասած նախագահներ կամ կուսակցութիւններ որոշ ատեն ետք ինկած են ծանօթ «թակարդ»-ին մէջ, բացայայտուած են գայթակղութիւններ ու չարաշահումներ անկումի առաջնորդելով բարեշրջման դրօշակիրները: Ոմանք իրենց գլուխն ալ վրայ տուած են: Բնականաբար ո՛չ ոք կը ցանկայ կամ կը սպասէ, որ նման նախընթացի մատնուի Հայաստան, սակայն ծանօթ խօսք է. «Բերանը այրած մարդ` պաղ թանը փչելով կը խմէ»:

Դրական այս ենթապատկերին դիմաց (ենթապատկեր, որ երեւակայական կամ լոկ ծրագրային փուլի մէջ չէ, այլ բոլորս ականատես եղած ենք նաեւ շօշափելի իրագործումներու, ինչպէս նշեցինք վերը), կ՛արժէ նաեւ հարց տալ, թէ Հայաստան դէպի ո՞ւր կ՛ուղղուի «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» աւելի քան երեք ամիս ետք, ճատրակի ինչպիսի՞ տախտակներ կը պարզուի հոն: Այս մասին` առանձին:

1էն – 12 օգոստոս 2018

 

Տեսակէտ. Ապագայ Հայաստանի Համար

0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Մեր հայրենիքին անցած ուղիին կապուած կը պարզուի որոշ երեւոյթներու պատկեր մը, որ կ՛ամփոփուի երեք կէտերու մէջ.

1.- Մէկ միլիոն մարդ արտագաղթած է Հայաստանէն:

2.- Բնակչութեան 50 առ հարիւրը աղքատացած է:

3.- Պետական պիւտճէի պարտքը անցած է 7 միլիառ տոլարը:

Աւելի՛ն. կը հաստատենք հետեւեալը. բազմաթիւ սպանութիւններ, անոնց մէջ` Ազգային ժողովի նախագահ, վարչապետ, փոխնախարար, գլխաւոր դատախազ, քաղաքական դէմքեր, ապստամբութեան փորձեր եւ ապստամբներու ձերբակալութիւններ, դատավարութիւններ եւ անոնց պատճառով` բանտարկեալներ:

Այսօր անցած են այդ փուլերը, եւ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք նոր քաղաքական ուժերու ձեւաւորում տեղի պիտի ունենայ կամ ձեւաւորուելու ընթացքի մէջ է: Ազգային ժողովի պատգամաւորներու ընտրութեան համար նախապէս ընդդիմադիր ճակատը եւ անոր խմբաւորումները կ՛օգտագործէին արդար ընտրութեան, փտածութեան դէմ պայքարի, ընկերային ծառայութիւններու անբաւարարութեան եւ տարբեր տեսակի բռնութիւններու դէմ հռետորական արշաւներ:

Այսօր ժամանակը փոխուած է: Նիկոլ Փաշինեանի խմբակը նաեւ գիտէ, որ անցեալի լոզունգները չեն, որ անպայման քուէ կ՛ապահովեն եւ Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը կը ձեւաւորեն: Այսօր գալիք 15-20 տարիներու համար ապագայ Հայաստանի ծրագիր պէտք է ներկայացնէ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ:

Արդար, ազատ եւ անկախ Հայաստանի կերտումէն ետք անպայման որ ապագայ Հայաստանի ծրագիրներն են, որ պիտի խանդավառեն հանրութիւնը:

Սակայն Հայաստանի ժողովուրդը այս փուլին որքանո՞վ պատրաստ է կամ, աւելի ճիշդը, հասուն է, որ թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ իր ունեցած բարձր գիտակցական կեցուածքին նման` այս փուլին ալ նոյն բարձր գիտակցութեամբ քուէատուփ երթայ: Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք քաղաքական նոր ուժերու ձեւաւորման մէջ էական դերակատարութիւն պիտի ունենայ առաջին անգամ ըլլալով ժողովուրդը: Անկախութենէն ետք առաջին անգամ է, որ նման առիթի մը առջեւ կը գտնուինք ազգովին եւ, ինչպէս ժողովուրդը չընդունեց նախորդ իշխանաւորները, նոյն ժողովուրդը պիտի յառաջացնէ Ազգային ժողովի պատգմաւորներու իշխանամէտներու կամ ընդդիմադիրներու պատկերը:

Իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ ըստ այնմ պէտք է պատրաստէ ապագայ Հայաստանի իր ծրագիրը:

Ազգային ժողովի պատգամաւորներու ընտրութենէն ետք միայն կրնանք ըսել, որ ընդդիմութիւն կայ: Մինչ այդ բոլոր քաղաքական քայլերը յեղափոխական կամ հակայեղափոխական կը թարգմանուին:

 

 

Viewing all 12041 articles
Browse latest View live