Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12041 articles
Browse latest View live

Կուլ Կու Տանք Դառնահամ Դեղահատի Պէս… (Ընկեր Վահէ Յարութիւնեանի Յիշատակին)

0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«… Կը ցաւիմ, որ կիրակի օրով տխուր լուր մը պիտի տամ քեզի: Գիտեմ, որ շատ պիտի նեղուիս… Հայաստան… քեզի եւ ինծի սիրելի ընկեր Վահիկը… Կեանքը քեզի… այսօր սրտի սուր տագնապ մը ունեցեր է…»:

Հեռաձայնողը Պոսթընէն ընկեր մըն է, նախկին պաշտօնակից մը. կ՛աւելցնէ քանի մը մանրամասնութիւն, եւ հեռաձայնը վար կը դնենք:

Փամփուշտով, ռումբի բեկորով, անգա՛մ դաշոյնի հարուածով մը ոչ մահացու վէրք ստացողը առաջին ակնթարթին ցաւի զգացում չ՛ունենար: Չի ալ գիտնար, թէ վիրաւորուած է, բայց երբ քանի մը ակնթարթ անցնի, զգայարանքները արձագանգեն հարուածին, յանկարծ ցաւը կը ծագի հարուածին հասած տեղը, հոն չի մնար, որովհետեւ զգայարանքներու կեդրոնը ուղեղն է, անոր կամուրջէն անցնելով` կը տարածուի ենթակային մարմինին այլ վայրերը: Իսկ երբ ցաւը հոգեկան է, ինչպէս` այս պարագային, ուղեղը ժամանակի կը կարօտի «մարսելու» ականջէն մտածը, ըմբռնելու ահաւոր գոյժին իմաստը. կ՛անդրադառնայ, որ հոն, հեռաւոր տեղ մը կորսնցուցած ես սրտամօտ ընկեր մը, որուն հետ տասնամեակներ առաջ գործած ես նոյն յարկին տակ, «լիբանանեան պատերազմ»-ի մէկէ աւելի փուլերուն միասնաբար խուսափած ես ռմբակոծումներէ ու այլ արհաւիրքներէ, փորձած ես դաժան օրերդ ժպիտով ու զուարթախոհութեամբ դիմագրաւել ու յաղթահարել, յետոյ, կը յիշես, որ բաժանումի տարիները չեն տժգունեցուցած սրտամօտութիւնդ:

Ժամերը կը սահին. յիշողութեանդ պաստառին վրայէն ալիք-ալիք կը սահին դէպքեր, մանրավէպեր, ուրախ եւ տխուր օրերէ դրուագներ, որոնք թէեւ անվերադարձ անցեալին կը պատկանին, սակայն անքակտելիօրէն կեանքիդ ու էութեանդ մէկ մասնիկը դարձած են: Կը փորձես սեղանիդ ետին նստիլ եւ անոնցմէ պատառիկներ թուղթին յանձնել` իբրեւ խղճի պարտք, սակայն ո՛չ ուղեղդ կը հնազանդի, ո՛չ ալ ձեռքդ յառաջ կ՛երթայ բան մը արձանագրելու: Կ՛անդրադառնաս, որ գերիրապաշտ ու անհեթեթի վիճակներն ու տրամադրութիւնները միայն անիմաստ պատերազմի օրերուն չեն ստեղծուիր, միայն գիրքերու էջերուն չեն սահմանուած, այլ նաեւ` ամէնէն խաղաղ կարծուած օրերուն ալ, կ՛անդրադառնաս, որ ընկերոջ մը վաղահաս ու յանկարծական կորուստը պերճախօս արտայայտութիւն մըն է անհեթեթի թատրոնի մը դերակատարները ըլլալնուս…

Ու ցաւը կը շարունակէ տարածուիլ էութեանդ մէջ, կը պաշարէ կարողութիւններդ. բաց կը մնայ միայն մէկ դուռ` աղուոր յիշատակներու դուռը, որուն կ՛ապաւինիս` մեղմացնելու համար ցաւդ, խուսափելու համար դառն իրականութենէն: Կը մտածես. լա՛ւ է, որ մարդս օժտուած է յիշողութեամբ, որուն անփոխարինելի հարստութիւն մը ըլլալը կը զգաս, ինչպէս որ անփոխարինելի են լաւ ընկերներդ, սրտամօտ հարազատներդ, գաղափարի աշխարհին մէջ գործակիցներդ:

Օրը կ՛անցնի ու ի վերջոյ ձեռքդ կ՛ենթարկուի քեզի, կ՛աշխատիս յուշերու պատառիկներէն բաներ մը արձանագրել` լաւ գիտնալով, որ բոլոր ուզածներդ պիտի չկարենաս տեղադրել քանի մը նեղ էջի մէջ, նաեւ պիտի չուզես բոլոր յիշածներդ դնել քով-քովի, որովհետեւ անոնցմէ մաս մը մտերմական են ու ենթակայ` «խորհրդապահութեան» օրէնքին, անյարմար` նման տխուր առիթներով լոյս աշխարհ գալու:

***

Վահէ Յարութիւնեանը, ընկերներուն համար` Վահիկը, մէկն էր պարսկահայ այն երիտասարդներէն, որոնք արհամարհելով «լիբանանեան պատերազմ»-ի վտանգալից պայմանները, Պէյրութ փութացին իրենց երկրորդականի ուսումը աւարտելէ ետք, որպէսզի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի պատմական շրջափակին մէջ հայագիտական ուսում ստանան Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի յարկին տակ: Այդ հիմնարկը, որ ծնունդ առած էր պատերազմի նախօրեակին եւ արդար վաստակ մը կերտեց աւելի քան երեք տասնամեակ, խորքին մէջ եղաւ ուսումնատենչ երիտասարդներու համար ժամադրավայր մը` մէկտեղելով մասնաւորաբար Լիբանանէն, Իրանէն, Սուրիայէն ուսանողներ, որոնք ոչ միայն հետաքրքրուած էին հայուն պատմութեամբ, մշակոյթով ու Դատին պատմութեամբ, այլ նաեւ պատրաստակամ էին այդ հարստութիւններուն բաժնեկից դարձնել շրջապատը, դառնալ ուսուցիչ, խմբագիր, ազգային գործիչ, գործել այլապէս «ապերախտ» որակուած ասպարէզներու մէջ, ցոյց տալու, որ հոն ապերախտութիւն չկայ, այլ կայ գործող ու ազգի կեանքին կերտումին մասնակից ձեռքերու հսկայական կարիք: Ու եթէ այսօր արագ ակնարկ մը նետենք մեր հաւաքական կեանքին վրայ, պիտի տեսնենք, որ այդ փաղանգէն շատեր դարձած են բերդերու պաշտպան բդեշխներ, իրենց համար կեանքի ասպարէզ դարձուցած` ժողովուրդին, նոր սերունդներուն ու ազգի ծառայութիւնը: Վահիկը մէկն էր անոնցմէ, որ ի վերջոյ նուիրուեցաւ իր կուսակցութեան` Դաշնակցութեան աշխատանքի դաշտին, արդարացուց իր ու նմաններուն վրայ դրուած գրաւը:

80-ական տարիներուն, Վահիկը միացաւ «Ազդակ»-ի անձնակազմին, զուգահեռաբար Պէյրութի մէջ յանձն առաւ կազմակերպական աշխատանքներ, մասնաւորաբար` Դաշնակցութեան երիտասարդական մեքենային մէջ: Տարիներ շարունակ անբաժան եղաւ Ճեմարանէն, մասնակից եղաւ «Ազդակ»-ի ու ընկերներու ցաւերուն, երբ արձանագրուեցան անժամանակ կորուստներ: 80-ականներու վերջերուն «Ազդակ»-ի մէջ յանձն առաւ պատասխանատու գործ. մամուլի աշխատանքը սրտին խօսող գործ էր, Համազգայինի Հայագիտականը զինք ալ օժտած էր այս ասպարէզին պահանջներուն ընդառաջելու կարողութիւններով, գիտելիքներով: «Ազդակ»-ը դարձաւ տառացի իմաստով իր երկրորդ տունը, մանաւանդ պատերազմական տարիներու վերջին փուլին` 80-ականներու վերջերուն: Երբ ռմբակոծումները անկարելի կը դարձնէին անձնակազմի ապահով տեղափոխութիւնը, սպառիչ առօրեայէն ետք` սեփական բնակարանիդ հանգստութիւնը քանի մը ժամ վայելելու պատեհութիւնը, առանձնանալու առիթը, Վահիկն ալ ամիսներ շարունակ «բնակութիւն հաստատեց» խմբագրատան մէկ գրասենեակին մէջ, նա՛եւ միշտ «գործին վրայ» ըլլալու նախանձախնդրութեամբ: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ անձկութեամբ հետեւեցաւ արցախեան պայքարի շղթայազերծման ու զարգացման երթին, օրը օրին ընթերցողին հետ բաժնեկցելով հերոսական դրուագները:

Խաղաղութեան վերահաստատումէն ետք, երբ Հայաստան կանգնած էր վերանկախացման սեմին, երբ լիբանանցի հայ երիտասարդներ եւս ընդառաջած էին արցախեան ազատամարտի հրաւէրին, Վահիկն ալ ընդառաջեց հայրենիքին կանչին: Ան մէկն էր Հայաստան ներգաղթողներու առաջին սերունդին (նաեւ մէկը` «Ազդակ»-ի անձնակազմի քանի մը անդամներուն), որոնք հայրենիք փութացին վերջնականապէս հոն հաստատուելու եւ իրենց ձեռքերը միացնելու վերանկախացող Հայաստանի կերտումի գործին: Եւ հոն է, որ Վահիկը դարձաւ կուսակցական գործիչ. անոր աշխատանքի վայրը եղաւ Բիւրոյի գրասենեակը, ու իր գիտակից կեանքի աւելի քան կէսը տրամադրեց այդ յարկին տակ տարուող գործերուն: Այլ խօսքով, Վահիկին կենսագրութիւնը միաձուլուեցաւ վերանկախացած Հայաստանին ու անոր երկինքին տակ վերակենսաւորուած Դաշնակցութեան կեանքին:

Հայրենիք հաստատուելէն կարճ ատեն ետք ընտանիք կազմեց գաղափարակից ընկերուհիի մը հետ. բախտաւորուեցան զաւակով մը, որ գրեթէ տարեկից է վերանկախացած հայրենիքին… Հայրական ընտանիքէն իր բաժանումը` ուսման համար Լիբանան տեղափոխութեան պատճառով, այսպիսով փոխարինուեցաւ սեփական յարկով, թէեւ չմնաց ընտանեկան հարազատներէն անջատ. առիթ ստեղծեց այցի երթալու Միացեալ Նահանգներ հաստատուած եղբօր ու ընտանիքին, ինչ որ առիթներ եղան նաեւ իրեն հետ հանդիպումներուս: Վերջին անգամ մեր հանդիպումը եղաւ Հայաստանի մէջ, Հայաստանի վերանկախացման մէկ տարեդարձին: Ամբողջ Երեւանը տօնական մթնոլորտի մէջ էր, փառատօն, հրապարակային հանդիսութիւններ, հրավառութիւն… Երբեք ալ չզարմացայ, երբ առաջարկեց օրը միասին անցընել կարգ մը յիշատակելի վայրեր այցելելով, հեռու` քաղաքի ժխորէն, ընդառաջելով մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը կերտողներու ժառանգութեանց հրաւէրին:

***

Յիշելով այդ վերջին հանդիպումը` այսօր, անժամանակ հեռացման այս պահուն, կը փորձեմ վերականգնել Վահիկին նկարագրային կարգ մը գիծերը եւ իբրեւ բարի յիշատակ արձանագրել այստեղ:

Ինչ որ շեշտակիօրէն կը պարզուի աննիւթական պաստառիս վրայ, այն է, որ Վահիկը իր աշխատանքի բոլոր տարիներուն ու ասպարէզներուն մէջ եղաւ լուռ ու լուսարձակներէն խուսափող աշխատունակ գործիչ մը: Իր յանձն առած պատասխանատուութիւնները անսահման առիթ կրնային ընծայել դառնալու «ժողովրդական» մարդ, յաճախ հանդէս գալ մամուլի էջերուն կամ հրապարակաւ, սակայն անոր կեանքի պատմութիւնը աչքի առջեւ ունենալով` կարելի է վստահօրէն ըսել, որ ան հաւատացողն էր Գործին, եւ ոչ թէ` խօսքին (թէեւ խօսքն ալ իր տեղը ունի կեանքի ու աշխատանքի մէջ), կարծես թէ հաւատարիմ մէկ հետեւորդը Դաշնակցութեան այն մեծ ուսուցիչին, որ օր մը ըսած է. «Եթէ Դաշնակցութիւնը շատ խօսէր, գործ պիտի չընէր…»: Այդ սկզբունքին հաւատարմութեամբ ալ ան իր անձն ու գործը պահեց լուսարձակներէ ու բեմերէ հեռու, զանգուածներէն քիչ ճանչցուած:

Ընդհանրապէս գործի ու աշխատանքի տարբեր կալուածներու մէջ զինք ճանչցողը ունեցած է այն տպաւորութիւնը, որ Վահիկը լուրջ, լրջախոհ եւ հաղորդականութենէ ալ խուսափող տղայ էր, սակայն անոնք, որ աւելի մօտէն ճանչցած են զինք, գիտեն, որ ան ունէր նուրբ զուարթախոհութիւն եւ կատակելու, ծիծաղ յառաջացնող նկատողութիւններու իւրայատուկ գիծ մը: Կարելի է բազմաթիւ դէպքեր ու պատահարներ արձանագրել այս իմաստով` շեշտելու համար, որ Վահիկը պիտի յիշենք նա՛եւ իր կատակներով ու զուարթախոհութեամբ: Գոնէ իբրեւ մէկ օրինակ այս գիծէն` կ՛արժէ արձանագրել հետեւեալը:

Պէյրութեան ամրան տաք օր մըն էր. հազիւ պատերազմական վիճակը մեր ետին թողած էինք: Կէսօր մը «Ազդակ»-ի Պուրճ Համուտի խմբագրատունէն հարկադրուած էինք Անթիլիաս երթալու, որքան կը յիշեմ` կաթողիկոսարանին մէջ մամուլի ներկայացուցիչներու ուղղուած հրաւէրի մը ընդառաջելով: Վահիկը այդ օր ծանր հարբուխէ կը տառապէր. եթէ կարենար աչքերը բանալ, կարմրած աչքերուն նայողը զինք պիտի քաջալերէր, որ հանգիստ ընէ ու անկողինէն դուրս չգայ, սակայն պարտականութիւնը իրեն ուրիշ բան թելադրած էր: Մայրուղիին վրայ աւանդական խճողումը հեղձուցիչ էր: Մօտաւորապէս ժամ մը տեւեց տեղ հասնիլը: Փախուստի միակ միջոցը «Վանայ Ձայն»-էն սփռուող երգերն էին ու կատակելը: Վահիկը շատ ալ ի վիճակի չէր խօսելու, զրուցավարի պարտականութիւնը թողած էր վարորդին` ինծի: Աչքերը փակած կամ կիսախուփ` մերթ ընդ մերթ ակնարկութիւն մը կ՛ընէր կամ քառորդ-մասնակցութիւն մը կ՛ունենար երեք-քառորդ մենախօսութեանս: Անցած էինք Ժել Էլ Տիպի կամուրջը եւ կը մօտենայինք Անթիլիասի խաչմերուկին: Ճամբուն կողքին, փուռերուն ու վաճառատուներուն առջեւ շարք կազմած էին մանրավաճառներ, «պատերազմ»-էն մնացած հին սովորութիւն մը: Ինչե՜ր ըսես` չէիր գտներ այդ մանրավաճառներուն քով: Յանկարծ ուշադրութիւնս գրաւեց վաճառորդ մը, որ կանգնած էր ջուրի ապակեայ մեծ ու փոքր ընդունարաններու կողքին, գունաւոր մանր ու գեղեցիկ ձուկեր կը ծախէր: Հարկադրաբար կանգնած էինք անոր ճիշդ առջեւը: «Վահի՛կ,- ըսի,- տե՛ս, ի՜նչ գեղեցիկ ձուկեր են. հաւանաբար բաւական սուղ ըլլալու են…»: Աչքերը հազիւ բանալով` ակնարկ մը նետեց դէպի ձուկերը եւ արհամարհական ձայնով մը պատասխանեց. «Բանի չեն գար…», ու դարձեալ փակեց աչքերը: «Ի՜նչ կ՛ըսես, ընկե՛ր, մարդիկ որքա՜ն կը վճարեն անոնց համար», ըսի զարմացած: «Պարապ բան, չեն ուտուիր» նետեց` թոյլ տալով, որ լիաթոք խնդամ…

Նման զուարթախոհութիւններու «տոպրակ» մը կարելի է լեցնել այստեղ` ըսելու համար, որ լուռ ու մունջ աշխատող, ինքզինք լուսարձակներէ հեռու պահող Վահիկը նաեւ կատակասէր ընկեր էր ու հաճելի սեղանակից, մանաւանդ` խնդուք ու ծիծաղ բաշխող խաղընկեր, այն օրերուն, երբ «Ազդակ»-ի յարկին տակ գիշերները արեւածագին կը մօտեցնէինք ռումբերու «երգչախումբը» մտիկ ընելով ու պահակ ընկերներու եւ անոնց վարիչներուն հետ պլոթ խաղալով: Վահիկը, որ նոր սորվեր էր խաղը, երեւակայելի ու աներեւակայելի խաղարկութեամբ «հրաշքներ» կը գործէր` խնդուք տարածելով դուրսի ռումբերուն դէմ, եւ ամէնէն առաջ ինք խնդալով իր գործած սխալներուն վրայ:

Այս քանի մը տողը արդարութիւն չեն ըներ իր վաստակին, այլ արտայայտութիւն մըն են այն մտածումին, թէ զինք պիտի յիշեմ նա՛եւ իր նուրբ զուարթախոհութեան ու համակրելի ընկերականութեան շնորհիւ` ձայնակցելով բանաստեղծին այն խօսքերուն, որ կ՛ըսէ` մարդու գործն է միշտ անմահ: Սակայն նաեւ գործէն անդին բաներ ալ, ինչպէս` լաւ յիշատակները: Կասկած չունիմ, որ մտերիմներ այս տխուր առիթով պիտի փորձեն լուսարձակի տակ բերել նաեւ նկարագրային այլ գիծեր, որոնք աղուոր են ու անմոռանալի:

Վահի՛կ ջան, ընկե՛ր, նուրբ ու քողարկուած կատակներդ մի՛շտ համով էին: Այս վերջին «կատակդ» չսազեց նկարագիրիդ. ի՜նչ խօսք, որ ստիպուած ենք զայն ալ կուլ տալ դառնահամ դեղահատի պէս:

23 յուլիս 2018


Խմբագրական. Լիզպոնէն 5, 8 Եւ 35 Տարի Ետք (Լիզպոնի Գործողութեան 35-ամեակին Առիթով)

0
0

Լիզպոնի հերոսներուն թողած պատգամներուն եւ փոխանցած ուղերձներուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնի իրաւատիրոջ կարգավիճակով հայոց համազգային իրաւունքներու վերատիրացման գաղափարը: Գերագոյն զոհաբերումի հիմնական պատճառը այդ իրաւունքներու բարձրաձայնումն է, լռութեան պատի քանդումը եւ միջազգային հանրութեան ու քաղաքական շրջանակներուն հայկական հիմնահարցերու վրայ կեդրոնացումը:

35 տարի առաջ, օրուան պայմաններուն մէջ այդ իրաւունքը հիմնականին մէջ կը վերաբերէր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային ճանաչումի հրամայականին եւ անկէ բխած նաեւ անմիջականօրէն իբրեւ հետեւող առաջադրանք` հողային պահանջատիրութեան: Լիզպոնի ուժանակները կը պայթէին ըստ էութեան հայրենիք յղացքի առարկայացման, իրացման տեսլականին համար: Այդ անսակարկելի համազգային իրաւունքը անտեղիտալի եւ անդառնալի որոշում կ՛ենթադրէր. այդ որոշումը ուժանակներու սեղմումն էր Լիզպոնի անձնուրացներուն կողմէ:

Այդ տեսլականի իրացման գործնական աշխատանքները ծայր կ՛առնէին Լիզպոնի հերոսագործութենէն միայն հինգ տարի ետք: 1988-ին  հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի շարժումը ծայր կ՛առնէր Ստեփանակերտէն եւ կը համահայկականանար շուտով: Դարձեալ իրաւունքի խնդիր էր, որուն համար անտեղիտալի որոշում կու տար այս անգամ արցախահայութիւնը: Մարդկային իրաւունք` ինքնապաշտպանուելու իրաւունք, ինքնորոշուելու իրաւունք, հայոց պատմական հայրենիքի տարածքը ազատագրելու իրաւունք: Ազատ ու անկախ արարելու իրաւունք:

Հայոց համազգային իրաւունքի իրացման յաջորդ փուլը հայրենի ժողովուրդին կողմէ հայրենիքի անկախացման համար հանրաքուէով կայացած կամարտայայտութիւն էր: Լիզպոնի ճակատագրորոշ իրադարձութենէն 8 տարի ետք հայրենաբնակ ժողովուրդը կ՛իրացնէր համազգային իրաւունքը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մաս կը կազմէր միջազգային ընտանիքին իբրեւ անկախ պետութիւն:

Լիզպոնի հերոսներուն տեսլականը ձեւ ու մարմին կը ստանար արցախեան հայրենիքի ազատագրումով, ինքնորոշման, անկախացման, հանրապետութիւն ունենալու իրաւունքներու առարկայացումներով:

Հայրենի տարածքներու ամբողջականացման իրաւունքի առաջադրանքը, որ կը հնչէր Լիզպոնի հինգին կողմէ, կը մնայ իրագործելի համայն հայութեան կողմէ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրին մէջ տեղ գտած են Լիզպոնի առաջադրանքները մեր տարածքային պահանջատիրութեան իրաւունքներուն ընդառաջ շարժելու եւ այդ առումով Սեւրով նուիրագործուած եւ իրաւարար վճիռով որոշուած մեր հայրենիքի սահմաններու վերատիրացման համար նախապատրաստուելու իրաւականօրէն: Այդ առումով հայեցակարգային թղթածրարներ պատրաստելու համար փորձագիտական խումբեր գործի լծուած են արդէն. մինչ` եկեղեցական կալուածներու պահանջատիրութեան դատական հայց յարուցուած: Լիզպոնեան պատգամները համահայկական հնչեղութիւն ունին այսօր. հանրահռչակուած են եւ անոնց շուրջ  համահայկական համախոհութիւն գոյացած է:

Համազգային իրաւունքի խնդիր է նաեւ իրաւական պետութիւն կայացնելու անյետաձգելի առաջադրանքը: Մեր հայրենիքը թեւակոխած է նոր փուլ, ուր համակարգային փոփոխութիւնը սկսած է գործնական արդիւնքներ ցոյց տալ` մենաշնորհներու վերացման, հարստապետական կարգերու տապալման, օրէնքի գերակայութեան համար առնուող քայլերու ուղղութիւններով: Հայրենաբնակ ժողովուրդը իրագործեց քաղաքացիական արդար հասարակարգի մէջ ապրելու իր իրաւունքը եւ խաղաղ միջոցներով կատարեց իշխանափոխութիւնը:

Լիզպոնի սխրանքը ուղղուած էր բոլոր տեսակի իրաւազրկումներուն դէմ: Լիզպոնէն 5, 8 եւ 35 տարի ետք հայութիւնը փուլ առ փուլ նուաճումներ կ՛արձանագրէ իր իրաւունքներու վերատիրացման պահանջատիրական երթի ընթացքին:

Մեր Հինգ Սրբանկարները (Լիզպոն 35-ամեակ) Բ.

0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Մեր» դերանունին պարփակած ներքին իմաստը կը վերաբերի մեզի` հայութեան: Սակայն, այս առումով ալ կրնայ առարկուիլ, թէ հայ կեանքի մէջ գոյութիւն ունին մարդիկ, որոնք անպայման չեն բաժներ վերեւ յիշուածը, նախ` կրօնական նկատառումներէ թելադրուած, ապա` տուեալ տղոց կատարած արարքին հանդէպ, մեղմ ըսած, տարբեր մօտեցում եւ հասկացողութիւն ունենալով:

Արդ, ի՞նչն է, որ մեզ կը մղէ, 35 տարիէ ի վեր եւ ամէն պատեհ առիթի լոյսին բերելու Լիզպոնի տղոց վեհութիւնը, անոնց կատարած գործողութեան հնչեղութիւնն ու խոր պատգամը: Այլ խօսքով` իրերայաջորդ սերունդներ, իմանալէ, սերտելէ, մօտէն առնչուելէ եւ ուսումնասիրելէ ետք Լիզպոնի խոյանքին հրաշագործութիւնը, ինչո՞ւ տղոց անունները, լուսադէմ պատկերները, իւրաքանչիւրի խօսքն ու պատգամը ամուր դրոշմուած կը պահեն իրենց հոգիներուն մէջ, իբրեւ կենդանի սրբանկարներ:

Ինչո՞ւ տարբեր սերունդի պատկանող փոքրեր ու երէցներ, մանաւանդ` երիտասարդական փաղանգներ, Լիզպոնի տղոց աքթը կ՛արժեւորեն իբրեւ ազգային հոգեկերտուածքի օճախ, արժանապատուութեան բարձր գիտակցութիւն եւ վրիժառու կամք ունենալու լաւագոյն օրինակ:

Ինչո՞ւ հայութիւնը իր բովանդակ իրականութեամբ, միշտ ալ խոնարհած է ու պիտի շարունակէ խոնարհիլ Լիզպոնի «խենթ»-երուն յիշատակին առջեւ:

Ինչպէ՞ս բացատրել հաւաքական կեանքի մէջ առկայ այն խոր համոզումը, որ Լիզպոնի տղաքը, ըլլալով հանդերձ ազգի մը ծոցէն ծնունդ առած համեստ, ժուժկալ, ազնուահոգի ու բարի երիտասարդներ, անոնց կատարած քաջագործութիւնը եզակի է պահուածքով եւ պատմակերտ` իր առաքելութեամբ:

Արդեօք տարօրինակ կամ արտասովոր երեւո՞յթ պէտք է նկատել հայութեան ցոյց տուած վերաբերումն ու կեցուածքը, երբ հինգ տղոց արարքը ազգային սխրանքի մը համազօր կը նկատուի, աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր:

Ո՞ւր փնտռել եւ կամ ինչպէ՞ս ըմբռնել այն գաղտնիքը, որ յաճախ կը ցայտի ու կը բորբոքի մեր դիմաց, երբ ականատես կ՛ըլլանք երկիւղած յարգանքի ու աղօթքի, այդ ալ նորահաս երիտասարդներու կողմէ, որոնք ամէն յուլիս 26-ին, կ՛այցելեն հինգ տղոց սրբազան շիրմը, որ կտոր մը հայրենիք եղած է բոլորիս համար:

Այո՛, նորահաս սերունդի պատանիներ թէ չափահասներ, Լիզպոնի հսկաներու արարքին մէջ տեսած են ու կը շարունակեն տեսնել այն բացարձակ ճշմարտութիւնը, որ գերագոյն զոհաբերութեան վկաները կոչուած են միա՛յն լոյս ու յոյս սփռելու, մեզ ազգովին ուժեղացնելու, սրտեր թնդացնելու, պատկանելիութեան զգացողութիւնը առաւել ամրացնելու, ինքնութիւնն ու ազգային հաւատամքը պայծառացնելու:

Մենք գիտենք, որ խեղճացած են այն բոլոր հոգիները, որոնք ապաւինած իրենց այլանդակ, տկլոր եւ ապաբարոյ մտածելու եղանակին` մերթ ընդ մերթ նսեմացնել կ՛ուզեն Լիզպոնի աքթին մեծութիւնը, արժեզրկել սրբացած տղոց էութիւնը, յաճախ թութակաբար կրկնելով, թէ «անոնց կատարածը անձնասպանութիւն, աննպատակ ու անհեռանկար արարքի մը արտայայտութիւն էր» եւ այլն:

Ցաւ ի սիրտ, որ նման անհոգի հայ անհատներու խումբին մաս կը կազմեն ոչ միայն գաղափարական հակառակորդներ թէ կուսակցականներ, այլեւ` հայ կեանքի մէջ դերակատար անձնաւորութիւններ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ:

Իսկ մեր պատասխանը, յստակ ու մեկին, Լիզպոնի տղոց սրբանկարները կոթողուած են մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, անոնց դէմքերուն ու արարքին վեհութիւնը կը ղօղանջեն Արարատի ու Արցախի Մռաւ լերան գագաթներուն:

19 յուլիս 2018

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Յուլիս Գ. –Հաւաքական Որակի Պահպանման Ի Խնդիր

0
0

Սուրիոյ, մեր պարագային` նաեւ սուրիահայ համայնքի, վերականգնումի այս շրջանին յաճախ կը խօսուի բնակչութեան թիւի, որուն զուգահեռ`  որակի նուազումին մասին, ինչ որ պատերազմի բնական հետեւանք է, անտարակոյս:

Քանակն ու որակը, սակայն, ընդհանրապէս զուգահեռ չեն ընթանար: Մէկը` որակը, կարելի է ծրագրուած աշխատանքով ու կամեցողութեամբ բարձրացնել, որովհետեւ ան միայն իրերու հոլովոյթին ենթակայ չէ, այլ` մեր հաւաքական կամքին, նպատակասլաց աշխատանքին: Միւսը` քանակը, իրերու հոլովոյթին ենթակայ ըլլալով հանդերձ, կրնայ ազդուիլ որակի բարելաւումէն եւ աճիլ, թէկուզ` դանդաղ կշռոյթով:

Համայնքային մեր կեանքին մէջ այս շրջանին անհրաժեշտ է ե՛ւ անհատական, ե՛ւ հաւաքական աշխատանքի որակի բարձրացումը: Ըստ այնմ պէտք է ընթանան նաեւ մեր վերանորոգումի աշխատանքները: Միտք բանին` այս փուլին, համայնքէն ներս կառոյցներու վերականգնումի, հոգեւոր եւ մշակութային վերականգնումի աշխատանքներու ծրագրաւորումին մէջ նոյնքան կարեւորութիւն պէտք է տրուի վերաորակաւորման ծրագիրներուն ու այս մարզին համար ալ անհրաժեշտ ճիգի եւ նիւթական աղբիւրներու հայթայթումին:

Մեր հաւաքական ինքնութեան, հայեցիութեան, երկրի զարգացման մէջ մեր ներգործուն դերակատարութեան եւ ներշնչող ներկայութեան պահպանման ու բարելաւման համար, քանակի պահպանումին, կազմակերպումին ու զարգացումին կողքին, անհատական թէ հաւաքական որակաւորումին եւս պէտք է կարեւորութիւն տալ` իւրաքանչիւր ոլորտի վերաորակաւորման համապատասխան  աշխատանք տանելով:

Անհատական որակի ձեռքբերումը ինքնանպատակ կը դառնայ, եթէ չծառայէ հաւաքական նպատակին, հաւաքական մեր կեանքի որակի բարձրացումին: Փոխադարձաբար, հաւաքական կեանքը լճացումի կ՛ուղղուի, եթէ մշակութային, կրթական, մարզական ու այլ ոլորտներու մէջ որակական ոստումներ իրականացնելու ծրագիրներ չմշակուին ու չքաջալերուին, եթէ շինարարական աշխատանքներուն կողքին, այդպիսի ծրագիրներու համար եւս գումարներ չյատկացուին:

Ողջունելի են մշակութային կարգ մը մարզերու մէջ այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներն ու բարելաւման տեսանելի արդիւնքները:

Պատերազմը քանդեց այն, ինչ որ քանդելի էր, սակայն չյաջողեցաւ քանդել հայկական մեր ինքնութեան սիւները` դպրոցը, եկեղեցին, մամուլը, միութիւնները եւ այլն: Եթէ համայնքը այսօր կը գոյատեւէ, եւ սա կարելի է համարել յուսադրիչ իրողութիւն, ատիկա կը պարտինք զանազան սերունդներու սփիւռքահայ կեանքին մէջ անցուցած յաջող քննութեան, անգնահատելի վաստակին: Անոնց նետած խարիսխին վրայ պիտի վերականգնի մեր համայնքը` նոր որակով, նոր ներուժով:

Սա յետպատերազմեան անբնական պայմաններու մէջ բնական զարգացում ապրելու հիմնական գրաւականն է:

«Գ.»

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

0
0

 ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Նիկոլ Աղբալեան


Նիկոլ Աղբալեան` հասարակական-քաղաքական գործիչ, գրականագէտ, մանկավարժ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է Թիֆլիս, 24 մարտ 1873-ին: Ուսումը ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին ու Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ: Երիտասարդ տարիքէն եղած է ուսուցիչ` Կաղզուանի, Ագուլիսի եւ Շուշիի մէջ, միեւնոյն ժամանակ աշխատակցած է Թիֆլիսի «Մուրճ» ամսագրին: Հակառակ նիւթական իր նեղ պայմաններուն` յաջողած է բարձրագոյն ուսման դասընթացքներու հետեւիլ Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լոզանի համալսարաններուն մէջ:

1909-1912 տարիներուն վարած է Թեհրանի Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը:

1913-ին վերադառնալով Թիֆլիս` Արշակ Ջամալեանի հետ խմբագրած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»-ը:

1917-ի վերջերուն եւ 1918-ի սկզբնաւորութեան Աղբալեան հայրական հոգատարութեամբ ու անձնուիրումով փարեցաւ հայ գաղթականներու պատսպարման, սնունդի եւ բուժման դժուարին գործին:

Երիտասարդ տարիքէն Աղբալեան կը միանայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան եւ իր ամբողջ կեանքն ու հասարակական գործունէութիւնը կը կապէ կուսակցութեան, որուն հոգեմտաւոր եւ բարոյական աւանդներու ստեղծման մէջ անզուգական ներդրում ունեցած է: Մասնակցած է ՀՅԴ-ի ընդհանուր ժողովներու, եղած է Ազգային խորհուրդի եւ կամաւորական գունդերու կազմակերպիչ մարմինի անդամ: Աւելի ուշ, 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք ընտրուած է Հայաստանի խորհրդարանի անդամ:

1918-1919 թուականներուն մեծ ներդրում ունեցած է Հայաստանը դաւադիր թաթարներէ մաքրելու աշխատանքին մէջ:

1919-ին նշանակուած է լուսաւորութեան նախարար եւ իր ջանքերով 31 յունուար 1920-ին հիմնուեցաւ  Հայաստանի համալսարանը Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրիի) մէջ, ինչպէս նաեւ` ստանձնեց հովանաւորութիւնը երիտասարդ գրողներու եւ մտաւորականներու ստեղծագործական աշխուժացման:

1921-ին, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Լ. Շանթի, Հ. Օհանջանեանի եւ այլ պետական ու մշակութային դէմքերու հետ բանտարկուած է փետրուար 9-18, ուրկէ ազատած է Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ ու անցած` Պարսկաստան, ապա` Եգիպտոս, ուր զբաղած է մանկավարժական եւ մշակութային գործունէութեամբ:

1928-ին Լեւոն Շանթի հետ «Հայ կրթական եւ հրատարակչական համազգային միութիւն»-ը հիմնելով` երկուքով անցան Պէյրութ (Լիբանան), ուր 1930-ին հիմնեցին Համազգայինի «Հայ Ճեմարան»-ը:

Աղբալեան ծաւալեց թէ՛ մանկավարժական, թէ՛ հայագիտական եռուն գործունէութիւն: Դասաւանդեց հայ գրականութեան պատմութիւն, գրաբար եւ հայ մատենագրութիւն, նաեւ ժողովրդային լսարաններ կազմակերպեց, որպէսզի տարագիր ու գաղթական հայութեան լայն բազմութիւններուն ներարկէ հայ մշակոյթի եւ արուեստի պաշտամունքը: Կ՛աշխատակցի հայ մամուլին` բանասիրական եւ գրական- քննադատական յօդուածներով: Այդ տարիներու իր տքնաջան աշխատանքին արգասիքը եղան գրական-քննադատական, բանասիրական եւ ազգային-գաղափարաբանական իր արժէքաւոր երկերը:

Ն. Աղբալեան կը մահանայ 15 օգոստոս 1947-ին,  Լիբանանի մէջ եւ կը թաղուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Գրիգոր Ամիրեան


Գրիգոր Ամիրեան` Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 20 յունիս 1888-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Բաբերդ (Պայպուրդ) քաղաքին մէջ: Ամիրեաններու ընտանիքը բաւական ազդեցիկ եղած է Բաբերդի մէջ: Գրիգոր հասակ նետած է համիտեան ջարդերու օրերուն:

Գրիգոր Ամիրեան կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Հայկազեան դպրոցին մէջ, ապա գացած է թրքական բանակի ռազմական ակադեմիա` ուսանելու: 1908-ին ան աւարտած է ակադեմիան եւ ստացած է լեյտենանտի (աղա) կոչում: Պալքանեան առաջին պատերազմի ընթացքին ծառայած է, որ տեւած է 1912-էն մինչեւ 1913: 1913-ի առաջին օրերուն Ամիրեան ձերբակալուած է պուլկար զինուորներու կողմէ եւ բանտարկուած է: 1913-ի կէսերուն, Լոնտոնի դաշնագրի կնքումէն ետք Ամիրեան եւ շատ ուրիշներ ազատ արձակուած են:

1914-1915 թուականներուն Ամիրեան ծառայած է իբրեւ զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի անձնական թիկնապահ եւ օգնական: Ան նաեւ Դրաստամատ Կանայեանի (զօր. Դրօ) մօտիկ ընկերն էր:

1915-ին, Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն, Ամիրեան ջախջախիչ ապրումներ կ՛ունենայ կոտորածներուն պատճառով: Անոր ընտանիքը Բաբերդէն կը տեղահանուի եւ կ՛աքսորուի, մինչ վրայ կը հասնի մահը: Երբ Ամիրեան ընտանիքը եւ հազարաւոր այլ ընտանիքներ Երզնկա կը հասնին, Գրիգորի մայրը` Վարդանուշը, ինքնիրեն կը նետէ Տիգրիս գետը: 50 անձերէ բաղկացած ընտանիքը ոտքով կ՛անցնի ամբողջ Օսմանեան կայսրութիւնը: Բոլորն ալ կը զոհուին: Միակ անձը, որ ողջ կը մնայ Ամիրեաններու ընտանիքէն, Հեղանուշն էր` Գրիգորի աւագ քոյրը: Հեղանուշ կը յաջողի փախչիլ` նախքան օսմանցի զինուորներու Բաբերդ հասնիլը:

Ամիրեան ծառայած է հայկական Ա. կամաւորական գունդին մէջ: Վերջինս կռիւներ կը մղէր Ռուսիոյ, Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ ամբողջ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Ամիրեան հրետանային բաժինի հրամանատարն էր եւ ծառայած է սպարապետ Թովմաս Նազարբեկեանի, Դրաստամատ Կանայեանի, Անդրանիկ Օզանեանի հրամանատարութեան տակ: Նիքոլա Բ. ցարի հրաժարականէն եւ Պրեսթ-Լիթովսկիի հաշտութեան պայմանագրի կնքումէն ետք հայկական Ա. կամաւորական գունդը կը կազմալուծուի: Այս բոլորին պատճառը այն էր, որ հայկական ուժերը Ռուսական կայսրութեան կողմէ կը համալրուէին ու հաշտութեան պայմանագրի կնքումէն ետք Ռուսական կայսրութիւնը արդէն պաշտօնապէս պատերազմէն դուրս էր, եւ կամաւորական գունդի բոլոր պաշարները սպառեցան: Հակառակ Ռուսիոյ կողմէ գունդի պաշտօնական արձակմանը` կամաւորական գունդը իր գործը շարունակեց` առանց Ռուսիոյ աջակցութեան, անոր փոխարէն Անգլիոյ օգնութեան վստահելով:

1916-ին կը վերադառնայ ազատագրուած Բաբերդ ու կը մասնակցի հայ որբեր հաւաքելու ձեռնարկին:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան շրջանին կը ծառայէ նորակազմ հայկական բանակին մէջ, կը նշանակուի զօր. Սեպուհի թիկնապահ:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք կը հաստատուի նախ Ռումանիա, ապա` Միացեալ Նահանգներ:

Գրիգոր Ամիրեանը կը մահանայ 1 օգոստոս 1964-ին, Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ:

Նաթալիա Ամիրխանեան-Մուրատեան


Նաթալիա Ամիրխանեան-Մուրատեան` հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1863-ին, Երեւան: Ծնողներուն հետ փոխադրուած է Թիֆլիս եւ անդամակցած` «Նարոտնայա վոլեա» կազմակերպութեան: 1882-ին մտած է հայկական յեղափոխական առաջին մարմինին մէջ եւ նուիրուած` ազգային իտէալներու իրականացման գործին:

Ան իր ամուսնոյն` բժիշկ Մուրատեանին հետ հաստատուած է Ղարաքիլիսա եւ կապուած` շրջանի երիտասարդութեան հետ, տղաքը մղելով յեղափոխական աշխատանքի: Կազմակերպած է կիներու եւ աղջիկներու խումբեր` զանոնք միացնելով այդ օրերու Կարմիր խաչի կեդրոնական խումբերուն:

Նաթալիա տարիներով եղած է Ղարաքիլիսայի ՀՅԴ կոմիտէի անդամ եւ իր տունը տրամադրած է որպէս կեդրոն յեղափոխական գործիչներու: Հայաստանի անկախացումի եւ կերտում գործընթացին մէջ ան մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենայ:

6 փետրուար 1921-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք, երբ համայնավարները Ղարաքիլիսա կը մտնեն, Նաթալիան եւս, իբրեւ վտանգաւոր դաշնակցական, կը բանտարկեն:

Նաթալիայի վերջին խօսքը եղած է. «Է՜յ, սրիկայ պոլշեւիկներ, ես գիտեմ, որ դուք բանտի մէջ պիտի ինձ չարչարէք եւ յետոյ մեռցնէք, ես համոզուած դաշնակցական եմ եւ պիտի մնամ. զարկէք ինձ, շնե՛ր»:

Նաթալիա Ամիրխանեան-Մուրատեանը 1921-ին կը գնդակահարուի:

Տիգրան Ամսէեան


Տիգրան Ամսէեան (Տիգրան Ծամհուր)` խմբագիր, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1885-ին, Սղերդ: 1904-ին` շրջանաւարտ Կարնոյ Սանասարեան վարժարանէն, ապա` ուսուցիչ: Յետոյ յեղափոխական յանձնարարութիւններ կատարելու նպատակով ուսուցչութիւն ըրած է Պարտիզակ, Ամասիա, Հալէպ եւ շատ մը այլ քաղաքներու մէջ, նշանակուած է ՀՅԴ-ի գործիչ, Ատանայի մէջ խմբագրած է «Կիլիկիա» թերթը: Հայոց Մեծ եղեռնի օրերուն Մարզպետի (Ղազարոս Ղազարոսեան), Սեմի Չաւուշի (Սամուէլ Գորգիսեան), Խոսրով Պապայեանի եւ այլ դաշնակցականներու հետ մասնակցած է «Մէկ ոսկի` մէկ երեխայ» ծրագրի իրագործման եւ, ընդհանրապէս, հայ գաղթականներու փրկութեան աշխատանքին:

1915-ի Մեծ եղեռնին կ՛աքսորուի Գոնիա, ուրկէ կը յաջողի փախուստ տալ` շնորհիւ զուիցերիացի Լէօյթենեկըրի:

Ծամհուր զինադադարին կ՛անցնի Հայաստան: 1918-ին աշխուժօրէն կը մասնակցի հայրենի անկախ հանրապետութեան սատարելու աշխատանքին: 1919-ին կը մասնակցի ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին: Կիլիկիոյ տարածաշրջանէն կ՛ընտրուի անկախ Հայաստանի խորհրդարանի անդամ:

Տիգրան, խորհրդարանական գործունէութեան կողքին, կը տանի նաեւ հասարակական ու պետական գործունէութիւն: Աշխատակցած է երիտասարդ սերունդի` աշակերտութեան եւ ուսանողութեան հետ: Կը նշանակուի Սեւանի գաւառապետ եւ կը նախաձեռնէ ռազմածովային նաւատորմի կազմակերպման:

18 փետրուար 1921-ին, Փետրուարեան ապստամբութեան օրը, Հայոց խորհրդարանի անդամ Տիգրան Ծամհուր կը սպաննուի երիտասարդ տարիքին, պոլշեւիկներու կողմէ, երբ եռագոյն դրօշը կը պարզէր խորհրդարանի շէնքին վրայ: Նշենք, որ Ծամհուրի արիւնով ներկուած դրօշակը կը պահուի Երեւանի մէջ, ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան թանգարանին մէջ:

Արշալոյս Աստուածատրեան


Արշալոյս Աստուածատրեան` պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Ծնած է 1883-ին, Ղուրդուղուլի (Արմաւիրի մարզ), Սարդարապատի մօտ:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրով կը նշանակուի Երեւանի նահանգապետ:

Արշալոյս եղած է Արամ Մանուկեանի ժամանակակից եւ գործակից ընկերը:

Յեղկոմի իշխանութեան տակ, երբ ծայր կու տան ձերբակալութիւններ, Արշալոյս եւ 18 դաշնակցական շարքայիններ փախուստ կու տան Հայաստանէն, սակայն կը ձերբակալուին Թիֆլիսի ճանապարհին ու Երեւանի Չեկայի շէնքին մէջ կը բանտարկուին: Կ՛ազատին Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ:

Արշալոյս Աստուածատրեան իբրեւ տարագիր` կ՛անցնի Պարսկաստան, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք: Արշալոյս գրած է յուշեր, ուսումնասիրութիւններ եւ վերլուծումներ:

Այնուհետեւ կը հաստատուի Պելկրատ, ուր եւ կը մահանայ 1973-ին:

(Շար. 3)

Կենսատու Երազանքով

0
0

ՑՕՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ

Երկու տարի առաջ, երբ քոյրս Արեւմտեան Հայաստան ուխտագնացութեան մեկնած էր, որպէս յիշատակ` իրեն հետ բերած էր Վանայ լիճէն շիշ մը ջուր:

Առաջին տարին, երբ տակաւին նոր ժամանած էի Հայաստան, նոյնպէս ես ալ բոլոր այցելած վայրերէս յիշատակներ կը հաւաքէի` քար մը, տերեւ մը, ծաղիկ մը եւ նոյնիսկ` համերգներու տոմսակներ, որոնց ներկայ կ՛ըլլայի:

Ժամանակի ընթացքին Հայաստանը առօրեայիս բեմահարթակը դարձաւ, եւ յուշ-առարկայ հաւաքելու սովորութիւնը մոռցուեցաւ:

Վանայ լիճէն բերուած ջուրը զետեղած էինք պահարանի անկիւնային ապակեայ հարթակներէն ամենաբարձրին վրայ, քոնեաքի շիշի մը կողքը:

Մեր տան այցելուներէն ոմանք հետաքրքրուած` կը հարցնէին, թէ ի՛նչ էր այդ սովորական ջուրի շիշը, որ այդքան յատուկ վերաբերմունքի արժանացած էր: Երբ կը պատասխանէինք, թէ Վանայ լիճէն բերուած էր, անոնց դէմքի հարցական արտայայտութիւնը կը վերափոխուէր յուզումի:

Զբաղ օրերը, աշխատանքի եւ կենցաղային այլ պէտքերու ետեւէ անաւարտ հեւքը միապաղաղ սովորական օրերու կը յանգին: Սակայն այս տարուան հմայքը բոլորովին այլ է: 2018-ի առաջին վայրկեաններէն իսկ տօնակատարութիւն մը սկիզբ առաւ հայ աշխարհէն ներս: Մայիս 28-ի 100-ամեակը կ՛արեգակէր: Հոգիներու մէջ  կ՛արթննային մայիս 28-ի տօնակատարութիւններու մանկութեան յիշողութիւններ, զգացումներ` հպարտութեան, ինքնութեան եւ ինքնաճանաչման փորձերու մտորումներ, հայ ըլլալու եւ հայ ապրելու ուղղութեամբ տարուող առաջին քայլերու յուշեր: Մեր Քեսապի տան մէջ մայիս ամիսներուն մայրս կրակարանին վրայի զարդերուն կողքին կը զետեղէր Արամ Մանուկեանի դէմքը պատկերող գծագրութիւն մը` որպէս խորապատկեր ունենալով եռագոյն դրօշը: Այդ նկարը տպաւորիչ եւ պատկառելի ներկայութիւն էր:

***

Մայիս 28-ի տօնակատարութիւններու նախօրէն էր, քոյրերով կը քննարկէինք յաջորդ օրուան օրակարգը եւ կը համադրէինք տարբեր ձեռնարկներու մեր մասնակցութիւնը: Արամ Մանուկեանի շիրիմին այցելութեան մասնակցութիւնը որոշած էինք ժամանակ մը առաջ: Խօսքս ուղղելով քոյրերուս` ըսի.

«Վանայ լիճի ջուրէն տանինք հետերնիս Արամ Մանուկեանի շիրիմին դնելու»:

Յուզումը կարդացի անոնց աչքերուն մէջ եւ կարծես անտես սարսուռ մը շրջեցաւ մեր հոգիներէն ներս: Վանայ ջուրին փափաքն էր, անոր ձայնն էր կարծես, որ խօսած էր եւ ոչ` ես:

Յաջորդ օր, կէսօրէ ետք հասանք շիրմաքարին: Փոքր խումբ մըն էինք, մեծ մասը` դաշնակցականներ: Ծաղիկներ զետեղեցինք խաչքարին, որուն վրայ քանդակուած էր դէպի վեր խոյացող արծիւ մը, վրան խաչը եւ ներքեւի հատուածը` ասեղային նրբութեամբ շրջանակազարդը: Այցելուներուն մեկնումէն ետք մնացինք մենք` քոյրերով: Պայուսակէս հանեցի շիշը եւ դողդողացող ձեռքերով բացի զայն: Խնկամանէն  քուլայ-քուլայ բարձրացող բոյրը կը զգլխէր զիս, եւ չափազանց կիզիչ արեւու ճառագայթները կ՛անցնէին անոնց մէջէն` խորհրդաւոր եւ խնկաբորբ տրամադրութիւն մը ստեղծելով: Վանայ ծովակին ջուրը դանդաղօրէն հոսեցաւ եւ օծեց Արամ Մանուկեանի շիրմախաչքարը: Մգացած քարը կը նմանէր ծարաւ տատրակի մը, որ ումպ առ ումպ  ըմբոշխնելով ջուրը` կազդուրուած եւ կենսառողջ կը թուէր:

Անկարող էի զսպել արցունքներս, որովհետեւ կարօտահար Արամին Վանէն վերջապէս մասունք մը հասած էր: Որովհետեւ Արամը վայելուչ եւ արժանավայել կերպով չէր արժեւորուած հայրենի պետութեան կողմէ եւ անոր յիշատակը յարգանքի իր բաժինէն զրկուած էր: Որովհետեւ Արամը հանգիստ չէր ննջեր, քանզի Վանը տակաւին գերի էր:

Հոգեկան խաղաղութեան մթնոլորտ մը տիրած էր, սակայն բորբոքացող Վանի սրտին տրոփը կը լսուէր, եւ ըմբոստութեան բախուող քամիներէն պայքարելու նոր ոգի մը ծնունդ կ՛առնէր:

Այս ապրումները շատերու համար անհասկնալի եւ վերացական կրնան թուիլ, բայց կը հաւատամ, որ այս մղումներն ու զգացումները նաեւ գոյ են իմ ընկերներէս շատերու սրտերուն մէջ եւ գոյ էին մեզմէ առաջ անկախութիւնը դեռ չտեսած սերունդին մէջ եւս: Իր արդար Դատին համար զինեալ պայքարի դիմող երիտասարդներուն կամքերուն ուժն էր եւ անոնց արդարութեան կանչին արձագանգը: Լիզպոնի տղոց անձնազոհութիւնը, ոգին եւ նուիրուածութիւնը, հայրենի հողի պաշտամունքէն բխած էր եւ պաշտամունք մատուցողներու փաղանգին սերմանած դաստիարակութեան արդիւնքն էր:

Նախորդող շաբաթուան ընթացքին, երբ Լիբանան կը գտնուէի, առաջին անգամ ըլլալով այցելեցի Լիզպոնի տղոց պանթէոնը: Այնտեղ գտնուիլը յառաջացուց զգացում մը, զոր չէի ունեցած նախապէս: Դառն հպարտութեան, անսահման սիրոյ եւ երկիւղածութեան  զգացումներու մէկտեղումն էր կարծես: Հինգ փայլուն տղոց շիրիմները գրկող, անոնց պողպատեայ կամքն ու ազնիւ եւ հայրենանուէր հոգիները պարուրող Միացեալ Հայաստանի մարմարեայ քարտէսի Վանայ լիճը պատկերող հատուածին վրայ նոյնպէս զետեղեցի անոր ջուրէն` հաւաքական կենսատու երազանքով…

Քեսապ
24/07/2018

«Արցախի Երիտասարդութիւնն Իր Ապագան Հայրենիքին Հետ Կը Կապէ». Լեռնիկ Յովհաննիսեան

0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ

«Արմենփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին  Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան ըսած է, որ  Արցախի Հանրապետութեան երիտասարդութեան մեծ մասը իր կեանքը միայն հայրենի հողին վրայ կը պատկերացնէ:

«Բնականաբար, երիտասարդներուն մէկ մասը իր ապագան այստեղ չի պատկերացներ, բայց տարբեր քայլեր կը ձեռնարկենք այդ երիտասարդներու զբաղուածութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ: Շատ կարեւոր է, որպէսզի կարենանք ապահովել զբաղուածութեանը համամասնութիւնը` Շուշիի, Ստեփանակերտի ու գիւղերու միջեւ, որպէսզի երիտասարդները կեդրոնանան ոչ միայն մեծ քաղաքներու մէջ, այլեւ կարենան իրենց կեանքն ապահովել հանրապետութեան միւս շրջաններուն մէջ եւս», նշած է նախարարը:

«Արմենփրես»-ի համաձայն, Լեռնիկ Յովհաննիսեանը մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար նշանակուած է 2018-ի յուլիս 2-ին: Յովհաննիսեանի խօսքով, երկար տարիներ նախարարի տեղակալ աշխատելէն ետք այս առաջարկը իրեն համար անակնկալ չէ եղած:

«Քանի որ ՀՅԴ անդամ եմ, առաջարկը ստանալէն ետք քննարկեցինք Արցախի Հանրապետութեան ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի մէջ, եւ կուսակցութիւնը դէմ չեղաւ, որ իմ աշխատանքներս շարունակեմ գործադիրին մէջ», ըսաւ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:

Երեք մեծ ոլորտները ղեկավարող Լեռնիկ Յովհաննիսեանը մշակոյթի, զբօսաշրջութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու մէջ տարբերութիւն չի դներ, բայց մասնագիտութեամբ ազգագրագէտ նախարարը նախասիրութիւններ, այնուամենայնիւ, ունի:

«Որպէս ազգագրագէտ, բնականաբար, իմ նախասիրութիւնս մշակոյթն է, բայց որպէս նախարարի` այդ երեք ոլորտներն ալ ինծի համար հաւասար են, եւ պէտք է այնպէս ընենք, որ երեք ոլորտներու զարգացումն ալ անպայման ապահովենք», նշեց Յովհաննիսեանը:

Նոր նշանակուած նախարարը լուրջ խնդիրներ կը տեսնէ յատկապէս զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ: Նախարարին խօսքով, զբօսաշրջիկները Արցախ գալէ կը խուսափին միայն այն պատճառով, որ անիկա դուրսը կը ներկայացուի որպէս պատերազմի մէջ գտնուող երկիր:

«Պէտք է այնպէս ընենք, որ Արցախի վրայէն վերցնենք «պատերազմող երկիր» անուանումը, որպէսզի զբօսաշրջիկները գան, տեսնեն, որ Արցախի մէջ կեանքը կ՛ընթանայ իր բնական հունով, եւ կարելի է հաճելի հանգիստ ունենալ այստեղ», ըսաւ նախարարը:

Լեռնիկ Յովհաննիսեանի խօսքով, Արցախի մէջ քիչ են նաեւ երիտասարդական ժամանցի վայրերը, սակայն այս խնդիրը լուծելու ուղղութեամբ նախարարութիւնը արդէն քայլեր կը ձեռնարկէ:

«Ժամանցի վայրերը քիչ են, որովհետեւ անոնք մասնաւոր ներդրումներու հետ կապուած են, երբեմն կը բացուին այդպիսի վայրեր, բայց շատ շուտ ալ կը փակուին: Մենք կը փորձենք երիտասարդական ու մշակութային կեանքը Արցախի մէջ աշխուժացնել բացօթեայ համերգներու միջոցով: Մեր երիտասարդական խումբերը երեկոյեան ժամերուն տարբեր հրապարակներու ու տեսարժան վայրերու մէջ հասարակութեան համար ելոյթներ կ՛ունենան», նշեց Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:

Նոր նշանակուած նախարարը արդէն երեք ոլորտներու մէջ համագործակցութեան նպատակներ ունի նաեւ Հայաստանի համապատասխան գերատեսչութիւններուն հետ եւ չի պատրաստուիր իր ծրագիրները ձգել թուղթի վրայ:

 

Համաչափութեան Թերի Սկզբունքը

0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

«Համաչափ» եզրոյթի գործածութիւնը թէ՛ նախորդ իշխանութեան օրով և թէ՛ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բառապաշարին մէջ անխուսափելիօրէն տեղի կու տայ շփոթի և սխալ մեկնաբանութիւններու ոչ միայն մեր ներքին դաշտի քննարկումներուն մէջ, այլև մեր պետական դիւանագիտութեան։

Նախկին Նախագահ Սերժ Սարգսեան քանի մը առիթներով հրապարակաւ սպառնացած էր Բաքուի իշխանութիւններուն «հաւաստիք» տալով, որ հայկական կողմի պատասխանը «յաջորդ» ազրպէյճանական նախայարձակման ըլլալու էր «անհամաչափ»…Բայց այդ օրը իսկապէս չտեսանք և յանկարծ մենք զմեզ գտանք Քառօրեայ Պատերազմի իրականութեան առջև և առանց համապատասխան պատրաստականութեան (preparedness)։

Այսօր, Վարչապետ Փաշինեան, իր կարգին, կ՚ապաւինի նոյն վերոյիշեալ եզրոյթին արտաքին աշխարհին առջև մեր քաղաքականութիւնը յստակացնելու յստակ միտումով։ Ան կը պնդէ, որ հայկական կողմի արձագանգը Ազրպէյճանի կողմէ որևէ խաղաղասիրական և անկեղծ կամարտայայտութեան ըլլալու է «համաչափ»…Նոյն ձևով ազրպէյճանական որևէ նախայարձակման դիմաց հայկական կողմի հակադարձութիւնը ըլլալու է…«համաչափ»։

Նորէն նոյն թակարդին մէջ կը գտնուինք և պարզ է, թէ ու՞ր թաղուած է այսօր առասպելական շան գլուխը… Մեղաւորը լեզուն չէ։ Մեղաւորը այն ռազմավարութիւնն է, որ Սերժ Սարգսեանի վարչակարգին կողմէ ի գործ դրուեցաւ մէկ ամբողջ տասնամեակ և որ ինք, իր կարգին, զայն փոխ առած էր Նախ. Քոչարեանէն և որ այժմ կը թուի յաջողապէս փոխանցուած ըլլալ մերօրեայ իշխանութեան։ Կարևոր չէ, թէ քանի անգամ և քանի ձևով Ազրպէյճան կ՚ոտնակոխէ Զինադադարի Պայմանագիրը և զոհեր կը խլէ մեր բանակի շարքերէն, մենք կը շարունակենք պնդել, որ մեր ռազմավարութիւնը պաշտպանողական է…Որմէ ինքնաբերաբար կը հետևի նաև այն, որ մենք ի վիճակի չենք «համաչափօրէն» վարելու մեր գործը։ «Համաչափօրէն հակադարձելու» գաղափարը ինքնին հականշային (oxymoron) տիպ է, եթէ մենք շարունակենք հաւատարիմ մնալ պաշտպանողական ռազմավարութեան գաղափարին և մեր ձեռքերը ի յառաջագունէ կապելուած պահել։

Ազրպէյճանական որևէ ոտնձգութեան պարագային, մեր պատասխանը սկզբունքով պէտք է ըլլայ «անհամաչափ», որպէսզի ըլլայ «համաչափ», որմէ և կը հետևի, որ պաշտպանողական ռազմվարութեան գաղափարը պէտք է հրապարակաւ սնանկ հռչակել։ Երբ թշնամի կողմը բացայայտօրէն կը յայտարարէ, որ ինք պատերազմի մէջ է մեզի դէմ և իր նպատակն է յափշտակել մեր հայրենիքը և բնաջնջել մեր ժողովուրդը, ան արդէն յստակացուցած է չափը իր ընելիքին։ Այս պայմաններուն մէջ, «համաչափութեան» թեման արդէն վաղուց սպառած է ինքզինք։

Կասկած չկայ, որ թշնամի կողմը կը պատրաստուի նոր արկածախնդրութեան։ Միայն ժամանակի խնդիր է։ Այդ մարտահրաւէրին մենք պիտի շարունակենք պատրաստ ըլլալ և մեր դիւանագիտութիւնն ալ պիտի գործէ նոյն օրակարգով։ Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ պատրաստ ըլլալ…Այսօր Նախարար Տօնոյեան պատգամ կը յղէր թշնամիին և միջազգային հանրութեան (ենթադրաբար, առաջին հերթին, Մոսկուայի), որ որևէ թշնամի արկածախնդրութեան պարագային հայկական կողմը կրնայ իր յատուկ զինատեսակները գործածելու «գայթակղութեան» մէջ գտնուիլ…Արդեօ՞ք կը խօսինք պաշտպանողական ռազմավարութիւնը վերջապէս թաղելու մասին։ Արդեօ՞ք եկած է օրը իրապաշտ քաղաքականութեան։ Արդեօ՞ք եկած է օրը այն քաղաքականութեան, որ իր մէջ պիտի ընդգրկէ ամբողջութիւնը մեր ազգային կարողականութիւններուն…Արդեօ՞ք արդէն ուժի մէջ է բազմամակարդակ մեր ռազմավարութիւնը, որ պիտի ըլլայ մեր յաղթանակի ռազմավարութիւնը (winning strategy)։

Ըսէ՛ք «ԱՅՈ», Պր. Վարչապետ։

Յուլիս 25, 2018
Ուաշինկթըն


Ընկեր Վահէ Յարութիւնեանի Յիշատակին

0
0

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Կիրակի, 22 յուլիսի առաւօտեան, անհաւատալի եւ անսպասելի լուր մը կայծակնային արագութեամբ Հայաստանէն տարածուեցաւ արտասահմանեան բոլոր գաղութները: Առաջին հայեացքէն ոչ ոք հաւատաց, եւ ընկերային ցանցերու վրայ լուրի տեղադրումն ու անոր յաջորդող ընկերներու գրառումները յուզումով եւ միաժամանակ ընդվզումով պատեցին դաշնակցական շարքերը: Հայութեան եւ Հայաստանի ապրած բախտորոշ այս փուլին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի աշխատակազմի ղեկավար, կարգապահ զինուոր ընկեր Վահիկ Յարութիւնեան, թերեւս առաջին անգամ ըլլալով «խախտելով բոլոր կանոնները»` անակնկալօրէն, անժամանակ ու անվերադարձ հրաժեշտ կու տար բոլորին: Մեծ է թիւը անոնց, որոնք այս անսպասելի պատահարէն ետք ծանօթացան ընկեր Վահիկին եւ ցնցուած ու քարացած յուզումով բաժնեկից դարձան անոր մահուան առթած վիշտին:  Այո՛, ընկեր Վահէ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, հակառակ իր ստանձնած պատասխանատու բարձր պաշտօններուն եւ պարտականութիւններուն, մնաց անծանօթ բոլորին, սակայն իր կատարած գործով մի՛շտ ալ վայելեց անբացատրելի յարգանք ու հեղինակութիւն իր միջավայրին մէջ:

Կարելի չէ իր մահէն ետք նաեւ բառով ու խօսքով արտայայտուիլ իր ունեցած վաստակին եւ անփոխարինելի դերակատարութեան մասին: Նամանաւանդ ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ ամէն վայրկեան եւ ամէն տեղ արժէքային համակարգերը ենթակայ են տատանումի ու երբեմն փլուզման, երբ խօսքը ընդհանրապէս հաւաքական կեանքին մէջ կը գերակշռէ գործին, երբ ատելութիւնն ու այլամերժութիւնը կու գան շատ յաճախ գրաւելու ընկերականութեան լայնախոհութեան, ազնուութեան ու անկեղծութեան զբաղեցնող տարածքը մեր կեանքին մէջ, երբ գաղափարական խօսքը իր տեղը կը զիջի քարոզչական անցողիկ երեւոյթներու ու աժան եւ մոլորեցնող արտայայտութիւններու, երբ ամբոխային տրամաբանութեան ակամայ ենթակայ կը դառնան բազմաթիւ հասկացողութիւններ, դաշնակցական մարդու տիպարը, դաշնակցական յանձնառու ու պատասխանատու խօսքը եւ մանաւա՛նդ դաշնակցական գործը կը մնան այդ բոլորին դիմաց ամուր թումբ ու պատնէշ: Այս պատնէշը ամուր պահող, անցեալի դաշնակցական տիպարներու օրինակը վերանորոգ կենսունակութեամբ կենսաւորող  նուիրեալներն են, որոնք կը դառնան այդ պատնէշի անկեղծ եւ նուիրեալ զինուորագրեալները:

Այո՛, անկախ իր ստանձնած պատասխանատու  պաշտօններէն, ընկեր Վահէ այդ անկեղծ զինուորն էր` մեր ֆետայիներու շունչով դաստիարակուած, ազատամարտիկներու հերոսական սխրանքները կիսած եւ դաշնակցական կազմակերպական մեքենայի ամուր պահակն ու մղիչ ուժն էր մի՛շտ:

Սակաւախօս, սակայն միաժամանակ իր հարցադրումներով ուղղութիւն տուող եւ հարցերու նկատմամբ իր մօտեցումներն ու տրամաբանութիւնը պայծառօրէն արտայայտող դաշնակցական տիպարն էր ընկեր Վահէ: Քանի մը վայրկեան տեւած հանդիպումը բաւարար էր դաշնակցականի մը համար գնահատելու տուեալ ժամանակահատուածի հայութեան եւ նաե՛ւ կուսակցութեան մարտահրաւէրները: Երեւոյթներու ու հարցերու ամփոփ իր արժեւորումները եւ անշուշտ այդ բոլորը կատարելու ընթացքին իր ցուցաբերած ազնուականութիւնն ու ընկերականութիւնը, մի՛շտ ալ մնացին գնահատուած բոլորին կողմէ: Ընկեր Վահէի մեծագոյն արժանիքներէն մէկն էր նաեւ կուսակցութեան կազմակերպական կեանքի եւ հարցերու համադրման ու ծրագրաւորման ունակութիւնը: Այդ աշխատանքները կը կատարէր բացառիկ բծախնդրութեամբ եւ մասնագիտական մօտեցումով, հետեւողական աշխատանքով, արթնամտութեամբ եւ նամանաւա՛նդ մեծ աշխատասիրութեամբ: Իր որդեգրած աշխատանքային խիստ ոճը եւ հետապնդման բծախնդիր եղանակը թերեւս երբեմն կրնային դժգոհութիւն պատճառել, սակայն անոնք գործերու ու ծրագիրներու յաջողութեան եւ արդիւնաւէտութեան ամուր գրաւական էին անկասկա՛ծ:

Ընկեր Վահէ Յարութիւնեանի անունը սերտօրէն առնչուած պիտի մնայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Դէպի երկիր» կարգախօսի կենսագործման հոլովոյթին հետ: Անոր համար այդ կարգախօսը դարձաւ ամբողջական կեանքի ոճ, ապրելակերպ ու համոզում, ինչպէս նաեւ այդ կարգախօսին իրականացման համար իր կեանքի հարազատ օրինակով` հայրենիք հաստատումով, արցախեան ազատագրական պայքարին իր բերած նկատառելի նպաստով, հայրենիքի մէջ իր ընտանեկան օճախի հաստատումով եւ վերջապէս հայրենիքը իբրեւ վերջնական նստավայր որդեգրելով, ընկեր Վահէ հատու պատգամ մը տուաւ բոլորին, բայց նախ եւ առաջ` դաշնակցական ընկերներուս:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կանոնագիրը ճիշդ է, որ այդքան ալ դիւրամատչելի ու ընկալելի չէ շատերուն համար: Անոր ոգիով առաջնորդուելու դաշնակցականի դրսեւորելիք կամքը կ՛ենթադրէ մեծ ճիգ ու մանաւանդ համոզում եւ անշուշտ` մեծ զոհողութիւն: Այս ծիրին մէջ նաեւ ընկեր Վահէ մեզի եւ գալիք սերունդներուն համար պիտի շարունակէ մնալ վաւերական օրինակ: Կարգապահութեան, գաղտնապահութեան, որոշումներու կայացման ժողովական կարգի յարգումով, անոր դաշնակցական ըմբռնումները լաւագոյնս դրսեւորուած կը տեսնենք իր ստանձնած կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ: Նախաբանիս մէջ կ՛ըսէի, թէ ընկեր Վահէն շատեր սկսան ճանչնալ իր մահէն ետք. թերեւս անոր գործունէութեան մարզերուն առնչուած բազմաթիւ բնագաւառներ նոյնիսկ անծանօթ պիտի մնան մեզի` դաշնակցականներուս համար, կայ սակայն մէկ հաստատ համոզում ու եզրակացութիւն, որուն շուրջ համընդհանուր է բոլորին տեսակէտը, որ ընկեր Վահէի կորուստը մեծ է եւ անոր ներդրումին ու աշխատանքին կարիքը պիտի զգանք բաւական երկար ժամանակ:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի՛ ընկեր: Վստահ ենք, որ նկարագիրիդ ու համոզումներուդ անյարիր են քեզի ուղղուած գնահատանքի այս խօսքերն ու արտայայտութիւնները, եւ թերեւս եթէ նախազգայիր այս պատահարը, թելադրէիր, որ չխօսուի նաեւ այս բոլորին մասին: Սակայն դաշնակցական միտքը եւ դաշնակցական մօտեցումը կը պարտաւորեցնեն մեզի` դաշնակցականներուս, խօսելու քու մասիդ, կատարած գործիդ ու տիպարիդ մասին, որպէսզի յարգելով քու անթառամ յիշատակդ, յիշելով ու յիշեցնելով կատարած գործդ, ամէն օր քիչ մը աւելի դաշնակցականանալու կարելիութիւնն ու առիթը ունենանք եւ այդ ճամբով խոնարհինք վաստակիդ եւ կատարած դաշնակցական անշահախնդիր ու անձնուէր մեծ ծառայութեանդ դիմաց:

———————————–

Վահէ Յարութիւնեան. Կենսագրութիւն
Եւ Անցած Ուղի

Կանխահաս մահը կանուխ ընդհատեց սիրելի ընկեր Վահէ Յարութիւնեանին կեանքը: Կեանք մը, որ իմաստաւորուած էր գաղափարին նուիրումով եւ անքակտելիօրէն կապուած էր Դաշնակցութեան ընթացքին:

Վահէ Յարութիւնեան ծնած է 6 օգոստոս 1958 թուականին, Իրանի Սպահան քաղաքին մաս կազմող աւանդապաշտ եւ հայաշունչ Նոր Ջուղայի մէջ:

Այստեղ ան ուսումը ստացած է Հայոց ազգային Քանանեան միջնակարգ դպրոցին մէջ: Պատանի տարիքէն անդամագրուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատանեկան եւ ապա երիտասարդական միութիւններուն, եղած է գործուն անդամ, վարչական մարմիններուն մէջ ստանձնած է պատասխանատուութիւններ:

Այդ տարիները կը համընկնին Իրանի յեղափոխական փոթորկոտ ժամանակաշրջանին: Վահէն, ընկերներու հետ, կը ներգրաւուի հայ համայնքի անվտանգութիւնն ու անդորրութիւնը ապահովելու աշխատանքներուն մէջ:

1979 թուականին, ուսումը շարունակելու նպատակով, մեկնած է Լիբանան, ուր հետեւած է Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի դասընթացքներուն` իբրեւ մասնագիտութիւն ընտրելով պատմագիտութեան բաժինը: Աւարտած է 1983 թուականին:

1984-1988 թուականներուն Լիբանանի Հայկազեան համալսարանին մէջ ուսանած է քաղաքագիտութիւն: Միեւնոյն ժամանակ աշխատակցած է Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին` 1988-1990 թուականներուն կատարելով թերթին ներքին էջերու պատասխանատու խմբագիրի պարտականութիւնները:

Լիբանանի մէջ ապրած տարիներուն մասնակցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տեղւոյն կառոյցի գործունէութեան:

Ստանձնած է Պատանեկան միութեան վարիչի եւ դաստիարակի պարտականութիւնը, անդամակցած է ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան` որոշ ժամանակաշրջան մը դառնալով ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ: Անդամակցած է նաեւ Զաւարեան ուսանողական միութեան:

Այդ տարիներուն Վ. Յարութիւնեանին վիճակուած է լիբանանցի ընկերներուն հետ լծուիլ հայ գաղութի անվտանգութեան ապահովման գործին: Արձագանգելով կուսակցութեան «Դէպի երկիր» կոչին` 1991 թուականի մարտին, Վահէ Յարութիւնեան ներգաղթած է հայրենիք:

1991 թուականին նշանակուած է Դաշնակցութեան Երեւանի մամլոյ եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի տնօրէն:

Արցախեան ազատագրական պայքարի տարիներուն ընկ. Վահէն զգալի դերակատարութիւն ունեցած է ՀՅԴ-ի մարտական գործունէութեան կազմակերպման հարցերուն մէջ:

1995-ին Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Դաշնակցութեան դէմ սանձազերծուած բռնաճնշումներուն պատճառով, հարկադրուած եղած է լքել հայրենիքը եւ կրկին հաստատուիլ Պէյրութ, ուր 1995-1998 աշխատակցած է ՀՅԴ Բիւրոյի «Դրօշակ» պաշտօնաթերթին:

1998 թուականին վերադարձած է Հայաստան, շարունակած աշխատանքը «Դրօշակ»-ի մէջ:

2000 թուականէն մինչեւ կեանքին աւարտը եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի գործավարը, ինչպէս նաեւ կատարած է Բիւրոյի գրասենեակի աշխատակազմի ղեկավարի պարտականութիւնները:

Ամուսնացած էր գաղափարակից ընկերուհիին` Թամարին հետ, ունին մէկ որդի` Գալէն:

Դաշնակցութեան եւ հարազատ կուսակցութեան ճամբով հայութեան ու հայրենիքին ծառայութեան ամբողջ ուղին Վահէ Յարութիւնեան անցաւ իբրեւ համեստ եւ անյաւակնոտ զինուոր: Դաշնակցութեան առաքելութիւնն ու բարոյական նկարագիրը ընկալեց որպէս անսակարկելի արժէքներ, եղաւ բծախնդիր ու կարգապահ ինքնիր նկատմամբ եւ նոյնը ակնկալեց ուրիշներէն: Այս պատճառով ալ Վահէն սոսկ գործավար չէր` պաշտօնեայի նեղ իմաստով: Ան Դաշնակցութեան հաւատամքին նուիրեալ գործիչ էր բառին ամբողջական առումով:

Երկրորդ դարը ապրող ՀՅԴ-ն ոչ մէկ ատեն զուրկ եղած չէ տիպար գործիչներէ, իսկ կուսակցական միջավայրին մէջ իշխած է այն համոզումը, որ անփոխարինելիներ չկան: Այնուհանդերձ, ամէն մէկ նշանակալի կորուստէ ետք կը փաստուի, որ իւրաքանչիւրը առանձնայատուկ է իբրեւ գործիչ եւ անհատականութիւն: Վահէն այս կերպարներէն էր:

Յաւերժ յիշատակ վաստակով ներկայանալի, գործն ու կեանքը կիսատ թողած սիրելի ընկերոջ:

 

 

 

 

 

 

Կարպիս Համամճեանի Յիշատակին*

0
0

Ճիշդ է, որ Կարպիս Համամճեանի մահուան լուրը անակնկալ էր, տխրեցնող, այդուհանդերձ մեր մտքի պաստառին վրայ անմիջապէս ուրուագծուեցան յիշողութեան գեղեցիկ պատկերներ, որոնք կ՛առնչուէին Արագածի շրջանին, ժողովուրդին, ակումբին, տասնամեակներ հոն ապրած շատ-շատերու կողքին նաեւ ընկեր Կարպիսի համեստ կեանքին:

Առաջին հերթին յայտնենք, թէ աւելի քան 40 տարուան խոր ծանօթութիւն մը ունէինք մեր սիրելի ընկերոջ հետ:

Այո՛, այսօրուան պէս կը յիշենք, հազիւ պատանեկանի մեր տարիքին հասած, արդէն գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութիւն էր ընկեր Կարպիս Համամճեան մեր շրջապատին մէջ, իբրեւ հարազատ թաղեցի, ժպտերես հայրենակից, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի պարտաճանաչ ոստիկան, գործունեայ կուսակցական, աշխուժ պատասխանատու ընկեր, բայց մանաւանդ` հաւատաւոր դաշնակցական:

Այո՛, հաւատաւոր ու անկեղծ դաշնակցական:

Ան ծնունդէն ի վեր մնաց իր ծննդավայր շրջանին` Արագածի հաւատարիմ բնակիչը: Կազմեց ընտանեկան իր բոյնը, գործեց Ռումտիկինի հայրենակցական միութեան մէջ, փոքր տարիքէն անդամագրուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն, ստանձնեց բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ, ծառայեց անշահախնդրօրէն, եղաւ բոլորիս համեստ ու ազնիւ ընկերը, հանդարտաբարոյ դաշնակցականը, բարեխիղճ պատասխանատուն, հայ թերթն ու մշակոյթը սիրող ընկերը:

Իրօք, Կարպիս Համամճեան` շնորհիւ իր մարդկային ու գաղափարական բարեմասնութիւններուն, վաստկած էր բոլորին` հայ թէ տեղացի բնակչութեան սէրն ու յարգանքը:

Փաստօրէն, մեզմէ ո՞վ չի յիշեր շրջանի հերթապահ ընկեր Կարպիսը, տարբեր յանձնախումբերուն մէջ անտրտունջ աշխատած ընկեր Համամճեանը, որուն ներկայութիւնը միշտ ալ փնտռուած է եղած իբրեւ տիպար դաշնակցական, արդար դատող ընկեր եւ  խղճամիտ հայորդի:

Չէ պատահած, որ մեր երէց ընկերը որեւէ պահու կամ կացութեան մէջ կամայ թէ ակամայ նեղացուցած ըլլայ դիմացինը: Մեծին ու փոքրին հետ եղած է եղբայր ու հարազատ ընկեր: Անոր նկարագրային հիմնական յատկութիւնը եթէ մէկ կողմէ դիմացինին օգտակար դառնալու պատրաստակամութիւնն էր, ապա միւս կողմէ յանձնառու կը զգար հաշտեցնելու եւ մտերմացնելու բոլորը անխտիր, հայ թէ տեղացի, որպէսզի ինք հանգիստ սրտով եւ մտքով ներկայանար կոմիտէին, ընկերական թէ համակիր շրջապատին: Իսկ առաքելութիւնը լրիւ կատարածի գոհունակութիւնը միշտ ալ զգալի կ՛ըլլար անոր բարի դէմքին վրայ. եւ այսպէս տարիներ շարունակ:

Պարտք կը զգամ յայտնելու եւ երախտագիտութեամբ յիշելու, թէ Կարպիս Համամճեանի սերունդը, որ տեսած ու ապրած է հայ կեանքի ու գաղութի դժուար եւ ուրախ տարիները, եղած է իւրայատուկ սերունդ, որովհետեւ անոնց ծնողները եղած են Հայոց ցեղասպանութեան կենդանի վկաները, որոնք ապաստան գտած էին մեր համեստ թաղամասերուն մէջ եւ կամաց-կամաց կառուցած բնակարան, դպրոց ու եկեղեցի, կազմակերպած` համայնք ու շրջան, եւ մէջտեղ են բերած տուն եւ ընտանիք:

Անոնք` ընկեր Կարպիսի սերունդը, աշխատեցան այնպէս, որ պատիւ բերին իրենց հայրերուն եւ մայրերուն: Գործեցին այնպիսի հարազատութեամբ, որ օրինակ դարձան մեզի` գալիք սերունդներուն: Եւ ահա իրենցմէ ծնունդ առած զաւակներ եւ թոռներ շարունակեցին ու կը շարունակեն այն ճամբան, որ թէեւ քարքարուտ էր, դժուարին, եւ սակայն հայկական շունչով ու ոգիով կը յատկանշուէր, ու ցարդ կը մնայ իբրեւ այդպիսին:

Ըսուածին ամենահարազատ փաստը եղաւ այն, երբ Լիբանանի եղբայրասպան պատերազմի տարիներուն ընկեր Կարպիս Համամճեանի սերունդը, իբրեւ անկեղծ զինուորներ եւ դաշնակցական տղաներ, ոչ մէկ վայրկեան տատամսեցան կամ խուճապի մատնուեցան, ստեղծուած ահաւոր պայմաններուն մէջ: Ընդհակառակը, իբրեւ չափահաս տարիքի սերունդ, իրենց թիկունքին ունենալով երէցներ,  ստանձնեցին ամէն պատասխանատուութիւն, որպէսզի տէր կանգնէին իրենց շրջանի հայութեան: Անոնք իրենց քաջ ներկայութեամբ թեւ եւ թիկունք եղան Արագածի շրջանի հայութեան եւ ցոյց տուին ազգային արժանապատուութեան տէր կանգնելու ամէնէն փայլուն օրինակը:

Աւելի՛ն. Լիբանանի անիմաստ ու քանդիչ քաղաքացիական պատերազմի աւարտին ընկեր Կարպիս Համամճեանն ու իր սերնդակիցները պատուով եւ գոհունակ սրտով ներկայացան իրենց շրջապատին, եւ նուիրումի ու ծառայութեան սուրբ աշխատանքը փոխանցեցին նորահաս սերունդին:

Վերջին տարիներուն մենք յաճախ կը հանդիպէինք ընկերոջ, երբ ան, այսպէս ըսած, կը շրջագայէր իր սիրելի թաղերուն մէջ: Երբեմն բարեւով մը եւ կամ քանի մը նախադասութեամբ` հալն ու քէֆը կը հարցնէինք: Մեր ընկերը, միշտ ազնուօրէն, ժպիտը դէմքին կը փոխանակէր իր բարեւը եւ յաջողութիւն մաղթելով կը շարունակէր իր պտոյտը:

Իսկ տարբեր առիթներու, երբ պէտք ունենայինք իր օժանդակութեան` շրջանի պատմութեան, նուիրեալ ընկերներու թէ հայրենակիցներու մասին տեղեկութիւն ունենալու, ան առանց վարանումի, գրեթէ ամբողջական մեզի կը ներկայացնէր շրջանի թէ ընկերներու ողջ պատմութիւնը իր ամբողջ մանրամասնութեամբ:

Սիրելի՛ ընկեր, մեր վերջին յարգանքը կը մատուցենք եւ կ՛ըսենք, թէ ողջ կեանքիդ մէջ եղար ազնիւ ու մարդկային, բարի հայր ու հոգատար մեծ հայր, ծառայասէր եւ առաքինի դաշնակցական:

Դաշնակցական ընկեր մը, որ մինչեւ իր մահը մնաց հաւատարիմ իր երդումին:

Դաշնակցական ընկեր մը, որ բարի յիշատակ ձգեց իր շրջապատին:

Բարի երթ քեզի, յաւերժի՛ ճամբորդ,
Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի ընկեր:

Հ. Պ.

* ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի խօսքը, 1 յունիս 2018:

Գաղափարական Տաճարի Հինգ Սիւներ (Լիզպոն 35-ամեակ) Գ.

0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ամպագոռգոռ խօսքերն ու շռայլամիտ միտքերը չեն, որ պիտի կարենան սահմանել գաղափարական տաճարին իսկութիւնն ու իմաստը, ոչ ալ ընթացիկ եւ հնաբոյր կարգախօսերը պիտի կարենան ապահովել անոր գոյութիւնը:

Յաճախ հարց կու տանք մենք մեզի, թէ ի՞նչ պէտք է հասկնալ գաղափարական տաճար եւ կամ նմանօրինակ բառակապակցութիւններ օգտագործելով: Արդեօք 21-րդ դարուն տակաւին ի զօրո՞ւ է շքերթը գաղափարաբանութիւններու, որոնք իրենց լինելութիւնն ու հզօրանքը ապրեցան նախանցեալ երկու դարերուն:

Բացառաբար խօսքը կը վերաբերի գաղափարին, գաղափարապաշտութեան ու ազգային գաղափարախօսութեան:

Ի դէպ, առիթով մը ընդգծած ենք, թէ գաղափարաբանութիւններ չեն մեռնիր, անոնք ինքնասպան կ՛ըլլան: Որովհետեւ գաղափարի սնուցիչ ամենակարեւոր տարրը մարդ էակն է` իր վեհափառ սկզբունքայնութեամբ, քրտնաջան աշխատանքի եւ տիպար օրինակ հանդիսանալու մօտեցումով ու մանաւանդ` կենդանի գործով:

Մեր մեծագոյն գաղափարապաշտ առաջնորդներէն Սիմոն Զաւարեանի ամենասուրբ պատգամն է եղած այն, որ` «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է»:

Աւելի պարզ ըսած, սոսկալիօրէն նիւթականացած մեր օրերուն գաղափարն ու անոր իմաստ տուող մարդկային արժէքներն ու քաջագործութիւնները տակաւին որեւէ իմաստ կը զգենո՞ւն, յայտնապէս արդի երիտասարդութեան համար, որ կը փորձէ քայլ պահել, այսպէս ըսած, արդի կեանքի սահմանած խայտաբղէտ կանոններու եւ արտասովոր օրէնքներու հետ:

Այլ խօսքով` բոլոր անոնք, որոնք իրենց հոգեմտային աշխարհը կառուցած են եւ դեռ կը շարունակեն կառուցել գաղափարներու ոգիին ազդեցութեան ներքեւ, արդեօք պիտի պիտակաւորուի՞ն իբրեւ միամիտ եւ զգացականութեամբ տարուած անհատնե՞ր, կաղապարեալ ուղեղ ունեցողնե՞ր, տգէտնե՞ր:

Իսկ ինչպիսի՞ բացատրութիւն տալ գաղափարի ոգիին, որ դարեր շարունակ կրցած է փրկել ազգ ու պետութիւն, մարդ ու մարդկայնութիւն: Հակառակի փաստը մենք կը տեսնենք Արեւմուտքի մէջ, երբ յառաջադէմ ու զարգացած, տնտեսապէս հզօր եւ քաղաքականապէս կայուն իրենց կեանքով հանդերձ, անոնք կը տառապին ընկերային ու հասարակական կարգ ու սարքի այլանդակութիւններէ, հոգեբանական լրջագոյն ախտերէ եւ ազգաքանդ վարքագիծերէ:

Արդ, Լիզպոնի տղոց սխրանքն ու անոնց հաւատամքին մեծութիւնը, կենդանի օրինակն ու սրբազան «խենթ»-ութիւնը իր գաղափարական արժեհամակարգով մեզ` ազգովին փրկելու եւ պաշտպանելու չի՞ նպաստեր, հայրենիք ամրոցը թշնամի հորդաներու մոլուցքէն զերծ չի՞ պահեր, ազգային դիմագիծի ու պատկանելիութեան շունչ ու իւրայատկութիւնը չ՛ամրապնդե՞ր, աշխարհատարած հայութեան միտքն ու հոգին աւելի չի՞ հայացներ, հայ նորահաս սերունդներու գաղափարական աշխարհը չ՛աշտարակե՞ր, հայրենասիրական ոգի ու մարտական կորով չի՞ սնուցաներ եւ այլն:

Հակառակի կեցուածք եւ մօտեցում ունեցողներուն կարելի է պատասխանել եւ ընդգծել, թէ անոնց հոգեմտային աշխարհը զերծ է ազգային գաղափարախօսութենէ եւ գաղափարական աշտարակումներէ, պոռթկումներէ, ըմբոստացումի հրայրքէ:

Այո՛, բոլոր ժամանակներէ աւելի եւ ընդմիշտ հայ քաղաքականացած եւ յեղափոխականացած երիտասարդութիւնը պիտի շարունակէ ամէն օր ու ամէն առիթի լոյսին բերել Լիզպոնի խոյանքին աստուածութիւնը եւ ճակատները բարձր խոնարհիլ անոնց կերտած գաղափարական տաճարին դիմաց:

20 յուլիս 2018

Նիկոլ Աղբալեանի Դասախօսութիւններու Հաւաքածոն «Հայ Մատենագրութեան Մասին»

0
0

ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ 

Այս նիւթերը քաղած եմ  Նիկոլ Աղբալեանի «Դասախօսութիւններ հայ մատենագրութեան մասին» Ն. Փալանճեան Ճեմարան իր տուած դասախօսութիւնները մէկտեղած գրքոյկի մը մէջէն` հրատարակուած Համազգային մշակութային ընկերակցութեան կողմէ, Պէյրութ, 1951-ին:

Համալսարանին մէջ լսած էի այս գրքոյկին մասին, բայց չէի գիտեր, որ զայն պիտի գտնեմ հօրս գիրքերուն մէջ: Մեծ եղաւ ուրախութիւնս, երբ գտայ զայն:

Անմիջապէս սկսայ թերթատելու եւ տեսայ, որ իր դասախօսութիւններէն եւ կենսագրութենէն բացի` հոն տեղ գտած էին նաեւ, մուտքի քանի մը տողերէն զատ, Աղբալեանի ինքնակենսագրական կարգ մը տեղեկութիւններ` Սիմոն Վրացեանի ստորագրութեամբ, որ հետեւեալը կ՛ըսէր. «Փարիզ եղած միջոցին, իմ ստիպման տակ, Նիկոլը իր ձեռքով գրի առաւ հետեւեալ ինքնակենսագրական տեղեկութիւնները, որոնք կմախքը պիտի կազմեն իմացական այդ մեծ հայի ապագայ կենսագրութեան: Այս է իր տուած տեղեկութիւնները, որոնք կը սկսին սոյն տեղեկութեամբ. «Ծնած եմ 1875թ. մարտ 24-ին, Թիֆլիսում: Ուսել եմ Ներսիսեան դպրոցում, Գէորգեան Ճեմարանում երկու տարի, Մոսկուայի համալսարանում մէկ տարի եւ Լոզանի համալսարանում մէկ տարի: Զբաղումս եղած է ուսուցչութիւն: Դասատու եմ եղել` Կաղզուան, Ագուլիս, Շուշի, Ներսիսեան վարժարան: Տնօրէն եմ եղել Թեհրանի վարժարանի, 3 տարի: Տնօրէն` Աղեքսանդրիայի վարժարանի, 5 տարի»:

Այնուհետեւ կը սկսի իր քաղաքական ասպարէզը: Եղած եմ «Հանրային պետական պաշտօններու նախագահ Թեհրանի Համայնական խորհրդի, անդամ Ազգային Բիւրոյի եւ Կամաւորական խմբերի կարգադրիչ մարմինի, փոխնախագահ Հայ գրողների ընկերութեան, Թիֆլիսում: Անդամ` Հայաստանի խորհրդարանի»:

Ապա համառօտ կը խօսի կուսակցական իր կեանքին մասին:

«1904թ. ի վեր գործօն անդամ եմ ՀՅ Դաշնակցութեան: Բիւրոյի ներկայացուցիչ Կարսում` 1904-5, Բիւրոյի ներկայացուցիչ Եգիպտոսում` 1905-ին եւ 1907-8: Անդամ` Շուշուայ կոմիտէի` 1908-1909: Անդամ Շահստանի Կ. կոմիտէի` 1909-12: Կամաւորական շարժման վարիչներից մէկը` 1914-17: Կամաւորական պահեստի գնդի պետ` 1915-17»:

Յետոյ կը թուէ բոլոր այն թերթերը եւ պարբերականները, որոնց աշխատակցած է նոյն ժամանակաշրջանին: Յօդուածներ նոյնքան հատու, որքան` զէնք եւ ատրճանակ: Իւրաքանչիւր փամփուշտ բան մը կ՛ըսէր զայն ստացողին: Զէնքը լաւագոյն հաղորդակցութեան միջոցն էր այդ օրերուն: Մէկ երկու փամփուշտով շատ բան կ՛ըսէր կռուողը իր հակառակորդին: Եւ զիրար լաւ կը հասկնային: Աղբալեան կը շարունակէ.

«Մասնակցած եմ Շրջանային ժողովին` Ղարաքիլիսէ, 1908-ին: 1905-ին Եաֆայում բանտարկուել եմ մի քանի ժամ: Հայաստանում բանտարկուել եմ պոլշեւիկների օրով, 1921 փետրուար 9-18»: Եւ ան կը յիշէ բոլոր այն թերթերը եւ պարբերականները, որոնց աշխատակցած է: Եւ կը շարունակէ իր գրական ասպարէզով, որ աւելի հետաքրքրական է, քան` առաջին մասը: Ան կ՛ըսէ. «Կոչումս ի՞նչ է` ես էլ չգիտեմ: Ոմանք ասում են` քննադատ եմ: Ուրիշների կարծիքով, մատենագիր եմ: Ուրիշ բաներ էլ են ասում: Իմ գիտցածով ես էլ, շատերի պէս, ամէն բան եմ եւ ոչինչ եմ: Այս է հայ մտաւորականին ճակատագիրը: Գլխի քո»:

Եւ կը շարունակէ. «Վերոգրեալ ինքնակենսագրականը կարդալէ յետոյ, բոլոր անոնք, որ անփոխարինելի Աղբալեանը մօտէն ճանչնալու բախտը ունեցած են, եւ վերյիշումի քաղցր ժպիտ մը պիտի ունենան այն անանձնական եւ անփոյթ շեշտին հանդէպ, որ կը յատկանշէր զինքը…» եւ այլն:

Սոյն ինքնակենսագրութիւնը խմբագրած է անուանի դերասանապետ Գասպար Իփէկեանը` մեծ սիրով եւ խանդաղատանքով, միշտ ցոլացնելով անոր համեստութիւնը: Օրինակ, ան կ՛ըսէր. «Յաճախ խօսած ենք Հայաստանի անկախութեան տարիներուն իր կրթական նախարարութեան շրջանին մասին. «Հա՛,- կ՛ըսէր տխուր անդրադարձումով մը,- լաւ աշխատանք էր տարւում. ամէն գիւղի մէջ նախակրթարաններ էին հիմնւում, ամէն կարեւոր կեդրոններու մէջ` երկրորդական վարժարաններ, համալսարանի հիմքն էր դրւում…   լաւ օրեր էին»: Իսկ թէ ո՛վ էր այդ բոլորը ընողը, այդ բոլորին մղում տուողը, այդ բոլորը ներշնչող ոգին, ոչ մէկ բառ այդ մասին: Ամէնքն էլ սրտանց ու նուիրուած աշխատում էին. երբ հայ ժողովուրդը մի բան ցանկանում է անել, ի՞նչը կարող է արգելք լինել դրան…»:

Չարենցի եւ Աղբալեանի միջեւ միջադէպը «շատ աւելի ցայտուն եւ պերճախօս կերպով կը պատկերացնէ Աղբալեանի պաշտամունքը հայ գրականութեան հանդէպ, քան` շատ մը վերլուծական ուսումնասիրութիւններ:

«Տերվիշի արտաքինով այդ Մեծ Մտաւորականը, անփոյթ` իր վրայ գլուխին, իմ ճանչցած ամենանրբաճաշակ գեղապաշտներէն մէկն էր, եթէ ոչ` ամենագեղապաշտը»: Չեմ յիշեր, թէ ֆրանսացի ո՛ր գրագէտին պէս կրնար ըսել. «Ես իմ պերճանքս հոգիիս մէջ կը կրեմ, ոչ թէ` մարմնիս վրայ»:

«Հին շրջաններէն բազմաթիւ նախարարական տուներ մնացած են: Յետոյ երեւցան` ունի անուան վերջաւորութիւններով: Օրինակ` Ռշտունի, Բագրատունի, Արծրունի: Ահա այս մեծ պետութեան քայքայումէն յետոյ է, որ հայոց անունը առաջին անգամ կ՛երեւի Դարեհի արձանագրութեանց մէջ»:

«Հայը մարդ ըսել է»…  «Մեծ Հայքի շրջանը մինչեւ Փոքր Հայք հայասաները կ՛ապրէին, անկէ հարաւ` հիթիթները, իսկ արեւելքի մէջ կ՛ապրէին մարդերը, կեդրոնը` ուրարտացիները, իսկ հարաւը միտանիները: Որով Հայաստանի ազգաբնակչութիւնը հնդեւրոպական լեզու խօսող տարրերէ բաղկացած է մեծ մասով: Այս ժողովուրդներու խառնուրդէն է, որ կազմուած է հայ ժողովուրդը»:

Հիմա որ գիտցանք, թէ ուրկէ՛ եկած է «հայ» անունը, տեսնենք, թէ եզրակացութեան մէջ ինչ կ՛ըսէ Աղբալեան, հեղինակը. «Հայոց լեզուն ազնուական դասի լեզու է, ուստի խրոխտ եւ մեծ վայելուչ կերպարանք ունի»:

«Ընկերաբանական հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ այսօրուան նախնական ժողովուրդները իրենց ազգի անունը ցոյց տալու համար կը գործածեն բառ մը, որ իրենց լեզուին մէջ կը նշանակէ մարդ: Անոնք իրենք զիրենք կը համարեն մարդ. իսկ ուրիշները` ոչ մարդ, ինչպէս յոյները ուրիշները կը համարէին բարբարոս: Մեր ժողովուրդին մէջ հայ բառը կը նշանակէ մարդ»:

Երբ մեր ժողովուրդը կ՛ըսէ` «մեր հայը տուն չեկաւ», ըսել կ՛ուզէ` «մեր մարդը տուն չեկաւ»: Իսկ մեր «մարդ» բառը մարդ  ցեղի անունն է:

Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, երբ Նիկոլ Աղբալեան կ՛ըսեմ, անմիջապէս Լեւոն Շանթը կը յիշեմ: Կարծեմ` այն պատճառով, որ երկուքն ալ գրեթէ միշտ միասին եղած են, օրինակ` անկախ Հայաստանի կառավարութեան մէջ եւ Պէյրութի Ճեմարանի հիմնումի ատեն` իբրեւ Համազգայինի ղեկավար անդամներ, ապա նոյն Ճեմարանին մէջ երկուքն ալ` Ճեմարանի դասախօսներ եւ այլն:

«Հանգուցեալ մեծ մտաւորականին բանասիրական մեծ վաստակը վերլուծեցի, համադրեցի, քննադատեցի` պատճառաբանելով փաստացիօրէն, բայց` միշտ համակիր, անկեղծ ու անաչառ, «որչափ էր կարս իմ», եւ որքան որ կը ներէին յօդուածի մը սահմանները, միշտ աչքի առջեւ ունենալով իր սկզբունքը` Եղիշէ Չարենցի առիթով բանաձեւուած` «Հիացումս պէտք չէ հասնի կուրացման. կայ մի աւելի բարձր ու մեծարժէք բան, քան` հիացումը. գրականութեան եւ հանրային շահը»: Բայց իրեն հետ պիտի յարեմ. «Ինձ թւում է, որ տեսութիւններս համոզական են: Նրանք կարող են հաստատուիլ, լրացուիլ կամ մերժուիլ. դրանից ես չեմ տուժի, իսկ ճշմարտութիւնը կը շահի»: Թող բարեկամիս հոգին ընդունի ներկայ համեստ ձեռնարկը` իբրեւ յիշատակ մը», այս խօսքերով կ’եզրափակէր հայր Մըսըրեանը Ն. Աղբալեանի «բանասիրական վաստակ»-ին նուիրուած իր հմտալից ուսումնասիրութիւնը, որուն կցուած էր ներկայ մատենագիտական ցանկը, որ վերաքննուած եւ ամբողջացուած է հեղինակին կողմէ: Հայր Յ. Մըսըրեանը հայագիտական նիւթերու դասախօս էր Պէյրութի ֆրանսական Ս. Ժոզեֆ համալսարանին մէջ (տես` «Ակօս», Գիրք ԻԱ.-ԻԳ.):

Տակաւին, Աղբալեան կը քաջալերէր նոր բանաստեղծներ, որոնցմէ, օրինակ, բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանը` հետեւեալ խօսքերով. «Յիշատակենք միայն ժամանակի կարգով, վերջին երեւան հանածը` 1943-ին` մատղաշագոյններէն Ժաք Ս. Յակոբեանը, որ, ըստ Աղբալեանի, մի նոր բողբոջ է մեր մշակոյթի բազմազան ծառի վրայ եւ ունի մեծարժէք կարողութիւններ` այդ մշակոյթի պատ գունազարդելու եւ նոր տարրերով հարստացնելու…»:

Երբ կը թղթատէի Դաշնակցութեան պատկերազարդ երկու ալպոմները, ուր Աղբալեանին անունը յաճախ յիշուած է, մանաւանդ` անկախ Հայաստանի Սարդարապատի յաղթանակէն ետք, որուն Ա. Հանրապետութեան լուսաւորութեան նախարար կ՛ընտրուի, եւ իր անուան կը հանդիպինք շատ յաճախ, յատկապէս` իբրեւ պատուիրակ Հայաստանի կառավարութեան: Այդ օրէն ի վեր անոր անունը միշտ կը յիշուի ամէն առիթով, ի մեծ ուրախութիւն ինծի եւ ինծի նման Աղբալեանը սիրող ու յարգողներու:

Ան նաեւ հեղինակն է այն բանաձեւին, որ կը յայտնէ  ժողովի մը մէջ, որուն նաեւ ինք ներկայ էր. «Այս ժողովից յետոյ Ազգային խորհուրդը առաւ վճռական քայլ եւ մայիս 30-ին հրատարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծարումով եւ Վրաստանի ու Ազրպէյճանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր դրութեան հանդէպ, Հայոց ազգային խորհուրդը իրեն յայտարարում է հայկական գաւառների գերագոյն եւ միակ իշխանութիւն: Որոշ ծանրակշիռ պատճառներով թողնելով մօտիկ օրերը կազմել Հայոց ազգային կառավարութիւն, Ազգային խորհուրդը ժամանակաւորապէս ստանձնում է կառավարական բոլոր ֆունկցիաները` հայկական բոլոր գաւառների ղեկը վարելու համար:

Հայոց Ազգային Խորհուրդ
1918 թ. մայիս 30 Թիֆլիս
Սիմոն Վրացեան «Հայաստանի Հանրապետութիւն»

 

 

 

 

ՀՅԴ Գաղափարական Առաջադրանքները Ժողովրդային Դարձնողը ՀՄԸՄ-ն Է

0
0

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի սրահին մէջ կայացած ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանին արտասանած խօսքը:

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը կը յուշէ այս ծաւալուն կազմակերպութեան Հայաստանի Հանրապետութեան տարեկից ըլլալը: Պատմական իրադրութիւններու բերումով, սակայն, ՀՄԸՄ-ը առաւելաբար իր աշխատանքները ծաւալեց սփիւռքեան տարածքին, յատկապէս` Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդներու մարմնակրթական  եւ սկաուտական կազմաւորման առաքելութիւնը ստանձնելով:

Սփիւռքեան ամբողջ գործունէութեան գաղափարական առանցքը ՀՄԸՄ-ի համար շարունակեց հանդիսանալ մայիս 28-ով խորհրդանշուած պետականութեան վերակերտումը, հայրենիքի վերանկախացումը եւ հայ մարդուն իր հայրենիքին մէջ ազատ ապրելու իրաւունքի վերատիրացումը:

Տասնեակ հազարաւոր միութենականներու, մարզիկներու եւ սկաուտներու իրերայաջորդ սերունդներ փաստօրէն սփիւռքի մէջ սորվեցան պատիւ տալ հայոց եռագոյնին, հայոց անկախ պետականութեան խորհրդանիշ` զինանշանին եւ քայլերգին:

Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն բանէ առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակին, վեր պէտք է առնել Հայաստանի Հանրապետութեան վերակերտման համար աշխատած, դաստիարակած ու դաստիարակուած եւ տասնեակ հազարաւոր իրերայաջորդ սերունդներ մայիս 28-ի շունչով կազմաւորած ՀՄԸՄ-ի այս առաքելութեան իրագործման փաստը:

Մենք շատ սերունդներ կորսնցուցած պիտի ըլլայինք, եթէ ՀՄԸՄ-ը կատարած չըլլար իր այս առաքելութիւնը: Պահն է արդարօրէն ՀՄԸՄ-ին տալու 70 տարի եռագոյնն ու հայոց անկախ պետականութեան խորհրդանիշները համաժողովրդային մակարդակով պահպանած եւ գուրգուրած ըլլալու գնահատականը:

Երբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս կը յայտարարէր, որ մայիս 28-ի պատմական իրագործումը Դաշնակցութեան սեփականութիւնը չէ, այլ անիկա կը պատկանի ամբողջ հայ ժողովուրդին, ՀՄԸՄ-ն էր, որ յաջողեցաւ այդ արժէքները ժողովրդականացնել ու դարձնել զանգուածային եւ արմատաւորել այն միտքը, որ, այո՛, իրօք, մայիս 28-ն ու Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումը, Սարդարապատն ու մայիսեան յաղթանակները կը պատկանին ամբողջ հայութեան:

Մենք բոլորս գիտակից ենք, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարական առաջադրանքները ժողովրդային դարձնողը, հազարաւոր պատանիներ ու երիտասարդներ համախմբողը, սկաուտական եւ մարզական դաստիարակութեամբ ազգային ու մարդկային արժէքներ փոխանցողը, ազնիւ հայն ու առողջ քաղաքացին պատրաստողը, մարդուժի պատրաստութեան հիմնական դարբնոցը ՀՄԸՄ-ն է: Մեր ամենաբազմամարդ, ամենատարածուած եւ ամենաժողովրդային ուղեկից կազմակերպութիւնը:

Եւ պատահական չէ անշուշտ, որ Դաշնակցութեան հայրենական վերընձիւղումին առընթեր, հայրենադարձ եղաւ նաեւ այս հսկայ կազմակերպութիւնը, որ հայրենիքի մէջ շատ արագ կայացաւ եւ ծաւալեց իր գործունէութիւնը: ՀՄԸՄ-ը սփիւռքեան եւ հայրենական իր կառոյցներով շատ արագ համահայկական դիմագիծ ու էութիւն ապահովեց իր աշխատանքներուն: Այսօր բոլորը կը հաստատեն, որ մեր պետութեան կողմէ նախաձեռնուող համահայկական խաղերու կառոյցը, կազմակերպումը խորքին մէջ իբրեւ օրինակ ունին համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերը: Այդ խաղերն են, որոնք կը համախմբեն նոյն արժէքներով դաստիարակուած եւ նոյն նպատակին ծառայող տարբեր շրջաններու երիտասարդները: Հիմա արդէն հայրենիքի մէջ կը համախմբուին թէ՛ ՀՄԸՄ-ականը եւ թէ՛ հայկական տարբեր միութիւններու անդամները` մասնակցելու համահայկական ծրագիրներուն:

Գաղափարական դաստիարակութիւնը ՀՄԸՄ-ի համար եղաւ այնքան արմատաւորուած, որ համայն հայութեան հետ կապուած ճակատագրական պահերուն թէ՛ սփիւռքահայ եւ թէ՛ հայրենի ՀՄԸՄ-ականը տարբեր մարտերու ընթացքին, սակայն` միեւնոյն տեսլականին համար, իրենց արիւնը շաղախեցին արցախեան հողին եւ ապա հանգչեցան կողք կողքի, Եռաբլուրի մէջ:

Այսօր միջազգային առումներով տագնապի մէջ է սկաուտութիւնը: Կազմակերպ, կարգապահ կենցաղ իրագործող եւ կանուխ տարիքէն դաստիարակութեան համար միութենական օրէնքներով ղեկավարուող կազմակերպութիւններու քանակն ու դերակատարութիւնը նուազած են:

Կը ձեւափոխուին նաեւ մարզական ակումբներու, խումբերու երբեմնի կամաւոր հիմունքով եւ նուիրումով ախոյեանութեան մասնակցելու ու, այդպիսով, ժողովուրդին ծառայած ըլլալու իրականութիւնները: Սակայն, հակառակ այս բոլորին, այնքան ատեն որ գաղափարական ենթահողը կը պահպանուի, ձեւափոխումները չեն կրնար ազդել միութիւններու էութեան ու յաջողութեան վրայ:

Եւ ՀՄԸՄ-ը ահաւասիկ հարիւր տարիէ ի վեր կը շարունակէ պատուով կատարել իր ստանձնած եւ իրեն վստահուած առաքելութիւնը: Ժամանակին հետ քայլ պահելով` ՀՄԸՄ-ը կը յաջողի անպայման թէ՛ հայրենիքի մէջ եւ թէ՛ սփիւռքի, իր դրօշին տակ համախմբել հազարաւորներ, նոյն արժէքներով դաստիարակել զանոնք եւ բոլորին ծառայութիւնը ապահովել ազգային այն արժէքներուն, որոնց կը հաւատայ արդէն հարիւրամեակ մը ամբողջ:

ՀՄԸՄ-ի նշանաբաններէն ՄԻ՛ՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ-ը այժմէական կը հնչէ: Այո՛, ՀՄԸՄ-ը մի՛շտ պատրաստ է ծառայելու հայութեան եւ հայրենիքին:

ՀՄԸՄ-ը Գործեց Ամէնուրեք, Գործեց Բոլորի՛ն Համար, Բոլորի՛ն Հետ

0
0

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի սրահին մէջ կայացած ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութեան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանին արտասանած խօսքը:

100 տարի առաջ, երբ ՀՄԸՄ-ի` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադիրները Պոլսոյ մէջ հիմը կը դնէին հայ իրականութեան մարզական եւ սկաուտական մեծագոյն միութեան, դժուար թէ կարենային երեւակայել, որ 100 տարի ետք իրենց հիմնած միութիւնը անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ 100-ամեակ պիտի տօնէր` հայ քաղաքական, ազգային ու եկեղեցական աւագանիին ներկայութեամբ:

100 տարի առաջ որբերու խնամքով եւ դաստիարակութեամբ զբաղող միութեան հիմնադիրները դժուար թէ երեւակայէին, որ 100 տարի ետք իրենց յաջորդները պիտի զբաղէին որբացած գաղութներով եւ անոնց հայապահպանման կարիքներով:

100 տարի առաջ Պոլսոյ եւ արուարձաններուն մէջ քանի մը մասնաճիւղով գործող այս միութեան հիմնադիրները դժուար թէ երեւակայէին, որ 100 տարի ետք իրենց սիրելի միութիւնը համահայկական իր կառոյցով պիտի գործէր աշխարհի 110 քաղաքներուն մէջ, աւելի քան 25 հազար երկսեռ անդամներով, մարզական եւ սկաուտական ժիր շարքերով:

100 տարին երկար ժամանակ է մարդու մը կեանքին համար, սակայն կա՛րճ, շա՜տ կարճ ժամանակ է ազգային հաւաքականութեան մը համար, սովահար, գաղթական եւ որբացած սերունդներէ միտքով ու մարմնով առողջ, ազգային իրենց ինքնութեամբ հպարտ եւ արժանապատիւ սերունդներ կերտելու համար:

Ու զարմանալի բան չկայ ասոր մէջ, որովհետեւ`

Սովորական միութիւն մը չեղաւ ՀՄԸՄ:

Սովորական պայմաններու մէջ չգործեց ՀՄԸՄ:

ՀՄԸՄ ծնաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքին ընդմէջէն:

Իր առաջին քայլերը առաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին օրերուն, երբ ազգ ու հայրենիք կը դիմագրաւէին տեսակաւոր մարտահրաւէրներ:

Հազիւ չորս տարեկան` ՀՄԸՄ հեռացա՛ւ, աւելի ճիշդ` հեռացուեցաւ իր հարազատ բնօրրանէն: Դարձաւ սփիւռք եւ ուղիղ 67 տարի գործեց առանց հայրենի հողի` սփիւռքեան իր կեդրոններէն իւրաքանչիւրը վերածելով հայրենի հողի մէկական կտորի:

ՀՄԸՄ գործեց առանց պետական հովանիի: Ընդհակառակն, պատահեցաւ, որ ան հալածուեցաւ, մերժուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ կարմիր պատմուճան հագած իր հարազատ երկրի պետական վարիչներուն կողմէ: Ան հալածուեցաւ նաեւ Հայաստանէն դուրս, երբ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն նոյն կարմիրները փակեցին Արեւելեան Եւրոպայի` Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ իր 19 մասնաճիւղերը, տասնեակներով ձերբակալութիւններ կատարեցին, հաւատաւորները Սիպերիա աքսորեցին եւ մինչեւ նահատակութեան դափնեպսակին արժանացուցին զանոնք:

ՀՄԸՄ ծանր գին վճարեց ազատ ու անկախ հայրենիքի գաղափարակիրը ըլլալուն համար:

Սփիւռքի մէջ ան երբեք դիւրին պայմաններու մէջ չգործեց:

ՀՄԸՄ մարզախաղեր կիրարկեց` առանց մարզադաշտ ունենալու:

ՀՄԸՄ սկաուտութիւն կազմակերպեց` առանց անհրաժեշտ յարմարութիւններ ունենալու:

Բայց ՀՄԸՄ  գործեց եւ շա՛տ լաւ գործեց, որովհետեւ կամաւոր բանակի սկզբունքով, անոր անդամներէն իւրաքանչիւրը իր միտքն ու բազուկը ի սպաս դրաւ հաւաքականին, ազգին ու հայրենիքին:

ՀՄԸՄ գործեց, մեծցաւ, ուռճացաւ եւ հզօրացաւ` բացառաբար ապաւինելով իր  անդամներու կամաւոր աշխատանքի գիտակցութեան, պատրաստակամութեան եւ զոհողութեան ոգիին:

Այսպէս է, որ քանի մը մասնաճիւղերը դարձան քանի մը տասնեակ մասնաճիւղեր: Մասնաճիւղերը վերածուեցան շրջաններու, շրջանները` համագաղութային կառոյցի, իսկ համագաղութային կառոյցն ալ` համահայկական կազմակերպութեան, որ այսօր իր հովանիին տակ կը համախմբէ աշխարհի 26 շրջաններէ 110 մասնաճիւղեր եւ միաւորներ:

ՀՄԸՄ գործեց ամէնուրեք: Գործեց բոլորի՛ն համար: Բոլորի՛ն հետ:

Ճիշդ է, որ ՀՄԸՄ 67 տարի գործեց հայրենիքէն դուրս, բայց երբեք` առանց հայրենիքի:

Ու երբ պահը հասաւ, 67 տարուան վտարանդիութենէ ետք, ՀՄԸՄ վերադարձաւ հայրենիք` աշխարհասփիւռ իր անդամները կապելով կեդրոնին, արմատի՛ն, ուրկէ անոնք կը ստանան իրենց գոյատեւման շունչն ու աւիշը:

ՀՄԸՄ հայրենիք վերադարձաւ 1989-ին, երբ տակաւին Հայաստան չէր անկախացած: Ան գործեց տագնապալի պայմաններու մէջ: Գործեց ղարաբաղեան պատերազմի, տնտեսական շրջափակման եւ քաղաքական ամէնէն աննպաստ պայմաններու մէջ` բաժնեկցելով իր հարազատ ժողովուրդին դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները:

Դժուարութիւնները, սակայն, փորձառութիւն ներշնչեցին ՀՄԸՄ-ին, փորձառութիւնը` տոկունութիւն եւ յաւելեալ իմաստութիւն: Այսպէս, ՀՄԸՄ ունեցաւ ղարաբաղեան պատերազմի իր նահատակները, մասնակից դարձաւ նոր Հայաստանի կերտման ճիգերուն: Կրթեց ու դաստիարակեց սերունդներ` անոնցմէ պատրաստելով օրինապահ քաղաքացիներ եւ հայրենիքի զինուորեալներ:

ՀՄԸՄ գործեց անաղմուկ: Գործեց խոր հաւատքով եւ աննկուն կամքով` իրեն գերագոյն արժէք ունենալով պետականութիւնը, գերիշխանութիւնը, ընկերային արդարութիւնը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը:

ՀՄԸՄ գործեց իբրեւ Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութիւն, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ, որ Հայաստանի արժանաւոր ներկայացուցիչը եղաւ Համաշխարհային սկաուտական շարժումի բիւրոյին մէջ` միաժամանակ հիմնադիր եւ գործադիր անդամ ըլլալով սկաուտական եւրասիական բաժանմունքին:

ՀՄԸՄ գործեց Բիւրականի ու Երեւանի իր սեփական բանակավայրերով, մայրաքաղաքի եռայարկ կեդրոնով եւ շրջաններու իր գրասենեակներով:

Հայրենիքը կիզակէտը հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան: Կիզակէտին շուրջ հիւսուեցաւ անտեսանելի թելերով իրարու կապուած գործունէութիւն մը, որ իրարու կապեց` Պուենոս Այրեսն ու Քուէյթը, Մոսկուան եւ Պէյրութը, Միւնիխն ու Հալէպը, Կլենտէյլն ու Մոնրէալը, Սիտնին եւ Գահիրէն: Թելերու շարքը կարելի է երկարել եւ թուել բազմատասնեակ այլ քաղաքներ եւս, ուր մարմնակրթական այս միութիւնը 100 տարիէ լծուած է մարդակերտման եւ հայակերտման վեհ աշխատանքի` կարելի բոլոր միջոցներով ու անկարելիութեան սահմանները հասնող, աներեւակայելի եռանդով, խանդով ու կամքով:

Այսօր ադամանդեայ յոբելեանի տօնակատարութեան պահն է:

Պահն է յիշելու եւ խոնարհելու յիշատակին դիմաց բոլոր այն ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք անցնող մէկ դարուն եկան ու անցան այս միութենէն` իրենց հետքն ու դրոշմը ձգելով անպայման:

Պահն է յիշելու եւ խոնարհելու յիշատակին դիմաց այն բոլոր հաւատաւորներուն, որոնք անցնող 100 տարիներուն այս աշխարհէն մեկնեցան ազատ մարդու եւ անկախ հայրենիքի երազը իրենց աչքերուն:

Պահն է յիշելու եւ խոնարհելու դիմացը այն կակուղ թաթիկին, մեր այսօրուան նորահաս սկաուտին, որ այսօր ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ իր առաջին թոթովանքին հետ կը սորվի ազգի ծառայութիւն եւ հայրենիքի հաւատարմութիւն:

Պահն է, վերջապէս, յիշելու եւ խոնարհելու դիմացը այն մարզիկին ու մարզիկուհիին, որոնք իրենց յաղթանակներով ազգային խանդավառութիւն եւ հպարտութիւն կը ներշնչեն օրէ օր հայութենէ պարպուող հայ մարդոց:

Ապրի՛ք, տղաք ու աղջիկներ:

Ապրի՛ք եւ ձեզմո՛վ ապրի ՀՄԸՄ-ը, 100-ամեայ վաստակով, բայց միշտ երիտասարդ ու կայտառ կազմակերպութեամբ, միշտ աշխուժ եւ նորարար իր շարքերով:

100-ամեակի յոբելեանն է այսօր: Եզրափակիչ հանդիսութիւնը` դարադարձի տօնակատարութիւններուն, որոնք կը վայելեն Հայաստանի նախագահին նախագահութիւնը եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն հովանաւորութիւնը: Շնորհակալութիւն` նախագահութեան եւ հովանաւորութեան համար, որոնք անգամ մը եւս կը հաստատեն ազգին աջակցութիւնը այս միութեան` ազգապետերու յիշատակելի այս քայլով:

Շնորհակալութիւն` հայրենի պետութեան` յանձինս այս տօնակատարութեան ներկայ պետական այրերուն, որոնք իրենց անվերապահ զօրակցութեամբ սատար հանդիսացան 100-ամեակի ձեռնարկներուն, պետական յանձնաժողով ստեղծեցին, գերատեսչութիւններ աշխատանքի լծեցին եւ անցնող ամիսներուն մեր սերտ գործակիցները եղան:

Շնորհակալութիւն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին, որ իբրեւ հոգատար հայր, ամէնուրեք նեցուկ կը կանգնի երիտասարդական այս մեծ կազմակերպութեան, ջատագովը ըլլալով անոր ազգային նպատակներուն եւ միութենական արժէքներուն:

Վերջապէս, շնորհակալութիւն` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու կազմակերպիչ բոլոր մարմիններուն, յատկապէս` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան, միութեան շրջանային եւ մեկուսի բոլոր վարչութիւններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ծրագրուած ձեռնարկներու յաջողութեան համար:

Շնորհակալութեան խօսքերէն անդին, շնորհաւորութեան խօսք`  միութեան 26 հազար անդամներուն, որոնք առիթն ու բախտը ունեցան միութեան 100-ամեակին ժամանակակիցները ըլլալու, տօնակատարութիւններուն մասնակից դառնալու եւ իրենց հաւաքական կամքին զօրութեամբ անգամ մը եւս հաստատելու 100 տարի առաջ Հայաստանի լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի այն բնորոշումը, թէ`

«Մեծ է դերը ՀՄԸՄ-ին: Այդ դերը լաւ ըմբռնելու համար անհրաժեշտ է ազգային բարձր գիտակցութիւն, այսինքն` մեր ուժերուն, մեր արժէքին, մեր ընթացքին եւ նպատակին պայծառ ըմբռնում: Յարգանքը, պատկառանքը եւ տեղը այս աշխարհի մէջ ուժով կը ստացուի, կը պարտադրուի եւ կը ներշնչուի: Իսկ ուժեղ են առոյգը, առողջն ու կորովին»:

ՀՄԸՄ-ը, յարգելի՛ ներկաներ, առոյգ, առողջ ու կորովի հայութիւն պատրաստող այդ միութիւնն է:

ՀՄԸՄ-ը մեր ուժին աղբիւրն է: Մեր յաջողութեան գրաւականներէն մէկն է, որուն պէտք է գուրգուրալ ազգովին:

100-ամեակի իր նշանաբանին հաւատարիմ, այսօր, աւելի քան երբեք, ՀՄԸՄ պատուաբեր անցեալէն կ՛ուղղուի յաղթական ապագայ:

Մենք լաւատես ենք ապագայով ու ապագայի մեր յաղթանակներով: Ու մեր լաւատեսութիւնը բարի ցանկութիւններէ չի բխիր միայն, այլ` մեր աշխատանքէն, կամքէն եւ համոզումէն, միշտ երիտասարդութեան ի սպաս գործելու մեր տրամադրութենէն, հայութեան եւ Հայաստանին անմնացորդ ծառայելու մեր երդումէն:

Չմոռնանք, որ մեր ժողովուրդը ՀՄԸՄ-ին տուած է «Կամաւոր բանակ»-ի կոչում եւ պարտականութիւն:

Այդ կոչումն ու պարտականութիւնը կը թելադրեն այսուհետեւ ըլլալ աւելի զգօն ու պատրաստ` դիմագրաւելու մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին սպառնացող բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները: Ի վերջոյ, մեր կեանքը, հայրենիք թէ սփիւռք, հայապահպանութեան համար մղուող մէկ մեծ պատերազմ է: ՀՄԸՄ-ը կամաւոր այն բանակն է, որ այդ մեծ պատերազմը, փոքր-փոքր կռիւներով, մասնաճիւղ առ մասնաճիւղ կը մղէ երկիրէ երկիր, շրջանէ շրջան: Ի՜նչ փոյթ, որ ան տեղ-տեղ կռիւը կը կորսնցնէ: Կարեւորը մեծ պատերազմը չկորսնցնելն է: Կարեւորը հայապահպանութեան զրահները գետին չդնելն է:

Այլապէս, ՀՄԸՄ-ը յաղթանակներու միութիւնն է:

Փա՜ռք 100-ամեայ ՀՄԸՄ-ին:

Բի՜ւր յարգանք ՀՄԸՄ-ի պատուաբեր անցեալը կերտած անցեալի հաւատաւորներուն:

Պատի՜ւ այսօր պատնէշի վրայ կանգնած սերունդին, որ 100-ամեակի ջահը ձեռքին` կը խոստանայ զայն առաջնորդել դէպի յաղթական ապագայ, դէպի մեր ժողովուրդի անկատար բոլոր իղձերու իրականացում:

Դէպի միացեա՛լ հայութեամբ,

Միացեա՛լ, արդար ու հզօ՛ր Հայաստան:

 

24 յուլիս 2018

«Մենք ՀՄԸՄ Ենք Ստեղծել Ոչ Թէ Մեզ, Այլ Հայ Ժողովրդի Համար». Հրանդ Մարգարեան

0
0

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը 24 յուլիսին ներկայ եղած է Երեւանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան»-ի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան, որուն յաջորդած է ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ:

Այս առիթով ան ստորեւ տրուած իր սրտի խօսքը ուղղած է ներկաներուն.

«Երբ փոքր-ինչ յայտնի մարդկանց զաւակները մեծանում են, փորձում են ծնողներից անջատուել: Փորձում են չյիշել, որ Հրանդի տղաներն են, ուզում են ինքնուրոյն լինել, ուզում են իրենք իրենցով ներկայանալ, ինչը շատ բնական է: Եւ դա ծնողի տեսանկիւնից լաւ է, ասում ես` ինքնավստահ է, ինքն իրենով է եւ ինձանով չէ, որ փորձում է ասպարէզ ու շրջապատ ստեղծել: Հիմա` ՀՄԸՄ-ն մեր տղան է: Այսօր ես չլսեցի` Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ն ինքնուրոյն է, որովհետեւ արդէն ինքնակազմակերպուած է, որովհետեւ արդէն իր ոտքի վրայ կանգնած է եւ գնահատում է իր ծնողներին: Ես ուրախ եմ, որովհետեւ մենք ՀՄԸՄ ենք ստեղծել ոչ թէ մեզ, այլ հայ ժողովրդի համար: Դա արդարացուած է: Եւ նոյնիսկ մի օր, չցանկանանք լսել, եթէ Դաշնակցութիւն չլինի, Դաշնակցութեան գործն արդարացուած է` ՀՄԸՄ, Համազգային եւ ՀՕՄ ստեղծելով: Ես ուզում եմ մի բան ասել` ՀՄԸՄ-ն մեր ամենամեծ հայկական հասարակական կազմակերպութիւնն է` ինքնաղեկավարուող եւ ինքնակազմակերպուող: Եւ եթէ նոյնիսկ 105 հազար անդամ չունի, միեւնոյն է, մեր պատմութեան մէջ ամենամեծ հասարակական կազմակերպութիւնը ՀՄԸՄ-ն է:

Ինքնաֆինանսաւորուող ՀՄԸՄ-ի «տէրը» հայ ժողովուրդն է, մեր ժողովրդի կարող մարդիկ են ֆինանսաւորում ՀՄԸՄ-ը, եւ դրա համար էլ ՀՄԸՄ-ն ինքնուրոյն է, անկախ է, ազգային է, մերն է: Դա շատ կարեւոր է, մանաւանդ` 21-րդ դարում: Նիւթական անկախութիւնը անկախութեան գրաւականն է: ՀՄԸՄ-ն ունի իր սեփական ազգային արժէքների հաւատքը: Ես այսօր լսում եմ` ՀՄԸՄ, առանց «Դաշնակցութիւն» բառի, լսում եմ հիմնը, խօսքերը, հայրենիքի հանդէպ մեծ երազանքը, այդ արժեհամակարգը մարդկային է, ինչն էլ ՀՄԸՄ-ն արժեւորել է: Այս արժեհամակարգով է, որ ՀՄԸՄ-ն տարբերւում է միւս` շատ այլ հասարակական կազմակերպութիւններից: Սա հարստութիւն է, ՀՄԸՄ-ն մեր ժողովրդի հարստութիւնն է: ՀՄԸՄ-ն համահայկական կառոյց է. Քուէյթի երեխաներին ես տեսնում, Կիպրոսի երեխաներին ես տեսնում, եւ, հաւանաբար, եթէ չլինէր ՀՄԸՄ-ն, նրանց հայկական աշխարհը կը սահմանափակուէր Կիպրոսի կամ Քուէյթի համայնքի հայկական թուով, բայց քանի որ նրանք ՀՄԸՄ-ի անդամ են, նրանց պատկերացումը հայկական իրականութիւնից` շատ աւելի մեծ է: Մենք այս կազմակերպութեան մէջ ընդունել ենք ամէն մի հայի, եւ նրանց բերելով Հայաստան` մենք ասում ենք` դու Կիպրոսի հայկական համայնքի անդամը չես, դու հայ ժողովրդի Կիպրոսն ես: Հայ ժողովուրդն աշխարհով մէկ ներկայութիւն է, պետականութիւն է, եւ նրա ներկայութիւնը պատիւ է այս ժողովրդին: Սա մեծ արժէք է: Ամէն մէկ հայ պէտք է իրեն զգայ հայ ժողովրդի մաս, եւ հայ ժողովուրդն իր գաղութը չէ, հայ ժողովուրդը համահայկական իրականութիւն է: Սա է, որ ՀՄԸՄ-ն տալիս է ամէն հայի: Եւ սա արժէք է, որ մարդիկ հաւաքւում են Բիւրականում եւ զգում` իրենք որքան մեծ են եւ երբեք չեն յոգնում Կիպրոսին, Հալէպին կամ հայկական որեւէ գաղութին մաս կազմելուց: Աստուած տայ` ՀՄԸՄ-ի ճանապարհը կարմիր լինի, յաջող լինի, Աստուած տայ` ՀՄԸՄ-ն «ծնողից» երկար ապրի»:


Տղոց Պանթէոնը (Լիզպոն 35-ամեակ) Դ.

0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  

Կրկնելու գնով ըսեմ, որ Լիզպոնի տղոց շիրիմը կտոր մը հայրենիք է:

Հայրենիք, որ կը պարփակէ հող, ժողովուրդ, մշակոյթ, լեզու, ինքնութիւն եւ ապրելու հզօր կարողութիւն: Հայրենիք, որուն անունը Արարատ է, Հայկ նահապետ, Մեծն Արտաշէս, Մեսրոպ Մաշտոց, Վարդանանց, Նարեկացի, յեղափոխութիւն, ազգային ազատագրական պայքար, Ծիծեռնակաբերդ ու Սարդարապատ:

Հայրենիք, որ հազարամեակներու վկան է, դեռ կ՛ապրի ու կը շնչէ, կ՛արարէ: Հայրենիք, որ օրրան է քաղաքակրթական նուաճումներու, փարոս` մարդկութեան յառաջդիմական ձգտումներու, օճախ` հայ ազգի աւանդութիւններու պահպանման եւ կողմնացոյց` փառահեղ յաղթանակներու:

Այո՛, Լիզպոնի տղոց պանթէոնը մեր կողմնացոյցն է, անկաշառ, անխարդախ:

Փաստը, մեր տղոց սրբազան խօսքերն ու մտածումներն են, որոնք լոյսին եկած են առանց շպարի ու դափնեպսակի, անպաճոյճ եւ ի խորոց սրտի: Իրօք, խօսքեր են ատոնք, որոնք դեռ կը ղօղանջեն իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ, իբրեւ պատգամ ու ահազանգ, իբրեւ ազդարար ու հաւատամք:

Արդ, բաւարար է, գէթ մէկական նախադասութիւն հնչեցնել եւ ընդգծել մեր հինգ հերոսներուն մեծութիւնն ու մարգարէութիւնը:

Սիմոն Եահնէեանին է սա յաւերժահունչ պատգամը, թէ` «Պզտիկ եւ մեծ գործեր չկան, այլ` լաւ եւ գէշ».

Սեդրակ Աճեմեանին է սա հեզահամբոյր միտքը, թէ «մենք բարի խենթեր ենք, ազգին խենթերը, ոճրագործ չենք».

Վաչէ Տաղլեանն է յիշեցնողը, թէ` «հայութեան թշնամին յայտնի է, չի մոռցուիր անոր ոճիրը».

Արա Քրճըլեանին է սա կեցուածքը, թէ` «ազատութեան գետինը միշտ ծարաւ է, միշտ արիւն կը պահանջէ».

Սագօ Աբրահամեանին է սա ասպետական կողմնորոշումը, թէ` «եթէ ես չտեսնեմ հայրենիքս, իմ ընկերները պիտի տեսնեն, ապագայ սերունդներ պիտի տեսնեն»:

Ըլլա՛լ մարդկային զգացումներով անհատ եւ ունենալ հայաբորբ սիրտ ու հոգի, ըլլա՛լ տրամաբանող չափահաս եւ խանդավառութեամբ յագեցած երիտասարդ, ըլլա՛լ համամարդկային գաղափարներու աջակից եւ ազգային երազներու պաշտպան հայորդի, եւ չխոնարհիլ նմանատիպ մեծութիւններու արտայայտած մտածումներուն եւ հաւատամքին դիմաց, կը նշանակէ հոգեպէս կոյր ձեւանալ, ազգային ոգիէ կամովին հեռանալ եւ տուրք տալ անձնակեդրոն եւ պատեհապաշտ, տկլոր ու տխեղծ ապրելակերպի: Չկայ այլ բացատրութիւն:

Ու պիտի գայ այն օրը, բազում հայրենապաշտ նուիրեալներու կողքին, պիտի կոթողուի Լիզպոնի տղոց բարձրաքանդակը, վերանկախ Հայաստանի սուրբ հողին վրայ, Արարատի հայեացքին ներքեւ, Արցախի Մռաւ լերան օրհնութեամբ, հայրենի նորահաս սերունդի զաւակներ, իմանալէ եւ ուսումնասիրելէ ետք ասպետական տղոց վեհափառ արարքին մեծութիւնը, իրենց կարգին, հայ պետական աւագանիին հետ, պիտի խոնարհին եւ յարգանքի տուրքը մատուցեն, թէեւ ուշացած, բայց տիրաբար եւ հաւատարմօրէն:

21 յուլիս 2018    

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Յուլիս Դ. –Շարունակուող Պայքար (Լիզպոնի Եւ Խանասորի Նահատակները Վերյիշելով)

0
0

Մեր հաւաքական թէ անհատական իղձերու իրականացման միակ ուղին պայքարն է, եթէ ըսենք, նորութիւն մը յայտնաբերած չենք ըլլար բնականաբար, սակայն եթէ այդ պայքարը միայն լոզունգի վերածենք ու նկատելի փոփոխութեան չյաջողինք առաջնորդել անհատական թէ հաւաքական մեր կեանքը, այս պարագային պայքարը կը վերածուի տեղքայլի մէջ տուայտող ձեւական շարժումի մը, որ երբեմն ալ խաբուսիկ խանդավառութեան մէջ կը ճօճէ պայքարողը:

Եթէ մեր աշխարհահայեացքը չընդլայնենք ու ազգերու եւ ժողովուրդներու զարգացումին մէջ մեր արժանաւոր տեղը նուաճելու համարձակութիւնը չունենանք, շրջադարձային փոփոխութիւններ չբերենք ու մնանք ենթակայ ժամանակներուն պարտադրած ներքին թէ արտաքին ճնշումներուն, բնականաբար քայլ մը առաջ պիտի չկարենանք մղել մեր հաւաքական իղձերու իրականացման գործընթացը:

Պայքարի ճամբով միայն կարելի է արժեւորել ու զարգացնել կեանքը, մեր ֆիզիքական, իմացական կարողութիւնները: Պայքարի ճամբով միայն կարելի է հասնիլ մեր հաւաքական իղձերու իրականացման, արդարութեան հաստատման` գաղափարական, քաղաքական ու յեղափոխական պայքարի ճամբով, իւրաքանչիւրս իր համոզումին, իր կարելիութիւններուն, իր յանդգնութեան սահմաններուն մէջ եւ սահմաններէն անդին, որովհետեւ պայքարը սահմաններ չի ճանչնար:

Յաճախ կը խօսինք լճացումի մասին` թուելով բազում դժուարութիւններ, որոնք կը սպառնան մեր ազգային ինքնութեան, մեր հայեցիութեան պահպանման ու մեր ազգային իրաւունքներու ձեռքբերման գործընթացին, առանց իմանալու, սակայն, որ պայքարէն յոգնող հաւաքականութիւնն է միայն, որ լճացման կ’ենթարկուի, կ’անշարժանայ եւ ի վերջոյ կը մահանայ, իսկ պայքարի եռանդով ու յանդգնութեամբ լեցուած ազգը կ՛ապրի, կը տիրէ ոչ միայն ուժով, այլեւ` մտքով ու դիւանագիտութեամբ, կը տիրէ ստեղծարար իր ոգիով նաեւ:

Պայքարողը, սակայն, նախ եւ առաջ պէտք է գիտակցի իր գոյութեան, իր ազգային, հաւաքական արժէքին` իբրեւ արժանաւոր մէկ մասնիկը մարդկութեան:

Այս համոզումը չունեցող, այս ինքնագիտակցութիւնը չվայելող ու պայքարի ոգիէն զուրկ, եսակեդրոն երիտասարդութիւնը յառաջդիմութիւն չի կրնար ապրիլ, ոչ ալ կրնայ յառաջդիմութեան առաջնորդել իր հաւաքականութիւնը, ազգն ու հայրենիքը:

Լիզպոնի հինգին նահատակութեան խորհուրդը, իրականութեան մէջ, պայքարելու այս յանդգնութեան մէջ պէտք է փնտռել: Անոնք համոզուած էին, որ ազգ մը եթէ ենթակայ մնայ ճնշումներու, հաւաքական պայքար մղելու գիտակցութենէն զրկուի, այն ատեն միայն կը դատապարտուի մահուան: Ու այս գիտակցութեամբ անոնք յաղթեցին մահուան, որովհետեւ նահատակուելով` կեանք տուին մեր Դատին, քաղաքականացուցին ու միջազգայնացուցին զայն: Անոնք ողջ մարդկութեան պատգամեցին, որ եթէ պայքարի միջոցները չգտնեն, իրենք իսկ, իրենց գարուն կեանքով, միջոց կը դառնան` համազգային մեր տեսլականի իրականացման ի խնդիր:

Անոնք հաւատացին, թէ ինչ որ պիտի տան մեր պահանջատիրական պայքարին` իբրեւ անհատական ներդրում, կրկնապատկուած պիտի դառնայ յառաջիկայ սերունդներուն` անոնց հաւաքական ուժի աղբիւրները զօրացնելու ու միջազգային գետնի վրայ ճամբայ հարթելու մեր Դատին, պայմանաւ որ նոր սերունդները որոնեն իրենց ապրած ժամանակահատուածին յատուկ պայքարի միջոցները ու անհատական իրենց արժէքները ծառայեցնեն հաւաքական մեր պայքարին, ընդհանրական զօրութեան:

Ինչպէ՞ս մեր ներսիդին չբորբոքի, ուրեմն, պայքարի ոգին, երբ ամէն տարի, 25 յուլիսին կը վերյիշենք Խանասորի մարտիկներուն յանդգնութիւնը, իսկ 27-ին` Լիզպոնի ողջակէզներուն սխրանքը:

«Գ.»

Վախթանգ Անանեան (1905-1980). Որսորդական Արկածախնդրութեանց Բարեպաշտ Պատմիչը

0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«Տասնմէկ տարեկան էի, երբ զրկուեցի դպրոցից, ուսուցիչներից: Այնուհետեւ գրքերը դարձան իմ ուսուցիչները, իմ դաստիարակները, լեռնականի իմ անտաշ հոգին յղկողները»:

Ինքնակենսագրական այս խոստովանութեան հեղինակն է հայ գրականութեան մէջ իր ուրոյն աշխարհը ստեղծած, գիրքն ու բնութիւնը ուսուցիչ ընտրած եւ պարզ ու բարի մարդոց կեանքն ու մարդկային հոգիի ազնուագոյն գեղեցկութիւնները լոյսին յանձնած Վախթանգ Անանեանը, որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշենք այսօր:

Որսորդական արկածախնդրութեանց, մանկական պատմուածքներու եւ Հայաստան Աշխարհի բնութեան նուիրուած հետազօտական ուսումնասիրութիւններու ժրաջան հեղինակն ու բարեպաշտ պատմիչն է Վախթանգ Անանեանը, որ ծնաւ յուլիս 26-ի այս օրը, 113 տարի առաջ, հայոց հողի գեղեցկագոյն շրջաններէն Դիլիջանի Պօղոսքիլիսա (հետագային` Շամախեան) գիւղը:

Որսորդական արկածախնդրութեանց կախարդանքը, կենդանական աշխարհի վայրի, այլեւ անսպառ կենսունակութիւնը եւ հայրենի կանաչ բնութեան ամբողջ գեղեցկութիւնը, իրենց ամենայն պարզութեամբ ու մարդասիրական խոր ընկալումով, տաք ու համով հացի պէս ձեռքէ ձեռք խլուող գրական սնունդի վերածուեցան Վախթանգ Անանեանի գրիչին տակ:

Հայոց սերունդներու պատանեկան տարիքի ընթերցանութեան անբաժան ընկերակիցը դարձան իր «Յովազաձորի գերիները», «Սեւանի ափին» եւ «Որսորդական պատմուածքներ» շարքի բազմահատոր գործերը, ուր Վախթանգ Անանեան ի մի բերաւ պարզ ու վճիտ հայերէնով, կերպարներու եւ պահերու դիպուկ շնչաւորումով, գեղարուեստական պատումի տաղանդով եւ մարդկային ու բնական աշխարհի պաշտամունքով յագեցած գրական հարստութիւն մը:

Մեծն Պարոյր Սեւակ փաստօրէն կ՛արտայայտէր մեր ժողովուրդին անխառն գնահատանքը` օրին հաստատելով, որ`

«Վ. Անանեանի «Սեւանի ափին» վիպակը մի նոր նուաճում է ինչպէս հեղինակի, այնպէս էլ մեր գրականութեան համար:…Նա գրում է հիւթեղ, պարզ ու հասկանալի, ժողովրդական բառ ու բանով հարուստ, հետաքրքիր լեզուով: Նրա լեզուամտածողութիւնը գերազանցապէս հայերէն է, զերծ` օտարութիւններից»:

Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ գրական-ստեղծագործական ժառանգութիւնը Վ. Անանեանի, որուն կեանքն ու գործը առաջնորդուեցան այն փիլիսոփայութեամբ, թէ` «այն` ինչ մարդը կարող է սովորել ու հասկանալ դժբախտութեան մէկ օրում, չի կարող հասկանալ բարեկեցիկ կեանքի մի քանի տարում»…

Վախթանգ Անանեանը իր մանկութիւնը անցուց հայրենի գիւղին ու բնութեան գիրկը: Սկզբնական կրթութիւնը ստացաւ տեղւոյն գիւղական դպրոցին մէջ: 1915-ին ընդունուեցաւ Դիլիջանի ծխական դպրոցը, բայց ուսման վարձը չկարենալով վճարել` երկու տարի յետոյ դուրս մնաց դպրոցէն: Ինչպէս «Հայկական հանրագիտարան»-ը կը վկայէ, հետագային գրողը ցաւով պիտի յիշէր`

«Աւարտուեց իմ ուսման ժամանակաշրջանը: Դրանից յետոյ իսկական դպրոց այլեւս չեմ տեսել: Իմ դպրոցը եղել է մայր բնութիւնը, որի գրկում ես մեծացել եմ»:

1926-ին ան տեղափոխուեցաւ Երեւան, ուր աշխատեցաւ «Մաճկալ» (1930-1931), «Սոցիալիստական Գիւղատնտեսութիւն» (1931-1935) թերթերու խմբագրութեանց մէջ: Եղաւ «Կոլխոզնիկ» թերթի պատասխանատու խմբագիր (1935): 1941-ին, հարիւր-հազարաւորներու շարքին, Վ. Անանեանը զօրակոչուեցաւ բանակ եւ, մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտը մասնակցեցաւ Խորհրդային Միութեան մղած այսպէս կոչուած մեծ հայրենականին: Նախախնամութիւնը զինք ողջ պահեց, եւ 1945-ին վերադառնալով պատերազմէն` ան նոր թափով վերսկսաւ ստեղծագործական իր աշխատանքը:

Այդպէ՛ս, տասնամեակներու վրայ երկարած իր անխոնջ աշխատանքով ու բեղմնաւոր գրիչով Վ. Անանեանը արժանաւորապէս դարձաւ հայ գրականութեան մէջ արկածախնդրութեանց պատումի գրական սեռին հիմնադիրը` ստեղծելով հայ արձակի մնայուն արժէքներ: Ընթերցող լայն հասարակութեան առջեւ բացաւ կախարդանքներու նոր աշխարհ մը եւ հրաշքներու ամբողջ գանձարան մը, որոնք գերեցին մանուկ թէ տարեց ընթերցողը: Իր ստեղծագործութիւնները մեծ ճանաչումի եւ լայն ժողովրդականութեան արժանացուցին Վ. Անանեանը:

Իր առաջին ստեղծագործութիւնը` «Չոլախ Թաքոն» հրատարակուեցաւ «Պիոներ» ամսագրի էջերուն, 1927-ին: Իսկ առաջին վիպակը («Կրակէ օղակի մէջ») լոյս տեսաւ 1930-ին: 1934-ին հրատարակեց «Որս» անունով պատմուածքներու ժողովածուն, որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր բնութեան, եւ շուտով ընթերցողը փարեցաւ անոր գրչին` իբրեւ հայրենի բնաշխարհը հետաքրքիր ու գեղեցիկ պատկերներով նկարագրող հեղինակի:

Իր մեծարժէք գործերէն համարուող «Սեւանի ափին» վիպակը լոյս տեսաւ 1951-ին: Այդ գործով հեղինակը հաստատագրեց` իր մարդասիրական եւ հայրենասիրական շունչը, հայրենի բնաշխարհի գեղեցկութիւնը կեանքով շնչաւորուելու տաղանդը, համոզիչ կերպարներ ստեղծելու արուեստը եւ գրելաձեւի ինքնատպութիւնը:

1947-1966 լոյս տեսան Վ. Անանեանի որսորդական պատմուածքներու վեց պրակները: Այս շարքը նոյնպէս նուիրուած է հայրենի բնաշխարհին, սակայն արդէն` բնութիւն-մարդ կապի գեղարուեստական իմաստաւորումով: Անանեանը յատուկ շեշտ դրաւ մայրական սիրոյ զգացումին վրայ: Մանկութենէն մայրը կորսնցուցած ըլլալով` Անանեանը բնութեան մէջ փնտռեց ու գտաւ մայրական սէրն ու ջերմութիւնը եւ յաճախ փիլիսոփայօրէն խորհրդածեց, որ` «Մօր սիրտը մէկ է. կ՛ուզէ մարդ լինի, կ՛ուզէ կենդանի»:

Հայկական պատմավէպի մեծանուն վարպետը` Սերօ Խանզադեանը իրաւացիօրէն նշեց ատենին, որ`

«Անանեանը գիտի ի՛նչ ասել ամէն մէկի սրտին: Ինքը շատ բաներ է տեսել, շատ բաներ գիտի: Հաւատարիմ լինելով հայ դասական գրականութեան աւանդոյթին` ինքը գրում էր ժողովրդի լեզուով, ժողովրդի մասին եւ ժողովրդի համար»:

Իր կեանքի վերջալոյսին Վ. Անանեանը լոյս ընծայեց իր «Հին վրանի փոքրիկ բնակիչը» եւ «Ո՞ւր են տանում կածանները» վէպերը, որոնք ինքնակենսագրական բնոյթ ունին եւ պատումներ են` նուիրուած հեղինակի մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն պատահած դէպքերու եւ դրուագներու:

Այս բոլորով Վախթանգ Անանեանը կը հանդիսանայ հայ գրականութեան ամէնէն ժողովրդական դէմքերէն մէկը: Իսկ գրական վիճակագրական տուեալներով, հայ գրողներու շարքին, իր երկերու թարգմանութեամբ, Անանեանը կը գրաւէ առաջին դիրքերը: Իր երկերը հրատարակուած են` ռուսերէնով, անգլերէնով, գերմաներէնով, չինարէնով, ճափոներէնով, չեխերէնով, պուլկարերէնով, պենկալերէնով, հնդկերէնով եւ այլ լեզուներով: Անանեանը փաստօրէն կրցաւ գրաւել նաեւ այլ ազգերու ընթերցողները` անոնց հոգիին մէջ եւս հետաքրքրութիւն յառաջացնելով բնութեան ու կենդանական աշխարհի նկատմամբ:

Այդ մասին կը վկայէ չեխ գրող Ե. Ետլիչքայի հետեւեալ խօսուն գնահատականը.

«Վ. Անանեանի ստեղծածը մի գրականութիւն է, որ հաւասարապէս կարող է հմայել ե՛ւ մեծերին, ե՛ւ փոքրերին: Չեխ ընթերցողը երախտապարտ է հայ ականաւոր գրողին` պատճառած բերկրանքի, հայոց լեռնաշխարհում այդքան հմայիչ հեռակայ ճանապարհորդութեան տանելու համար»:

Հայ գրականութեան բարեսիրտ ու ազնուական գրողի ծննդեան 113-րդ տարեդարձին նուիրուած յուշատետրի այս էջը եզրափակենք գրականագէտ Հրանտ Թամրազեանի վկայութեամբ.

«Վախթանգ Անանեանի երկերից փչում են մեր երկրի եւ հողի բոյրերը: Նա չափել է անդունդների խորքը եւ զգացել է լեռների սլացքը, թեքուել է բոլոր ծաղիկների եւ բոյսերի վրայ: Մշտապէս պահպանել է մօր ջերմութեան եւ անսահման սրտի զգացողութիւնը, հիւսել նրա սիրոյ երգը: Նա հասկանում էր բնութեան լեզուն եւ մարդու հոգին, անաղարտ հայեացքով նայում մարդկանց ու աշխարհին, ժողովրդական մեծ կեանքի ընթացքին»:

 

 

Արուեստագէտը

0
0

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Հարուած մը քարին` անշունչին, բայց այնպիսին, որ կարծես շնչաւորի մը ուղղուած ըլլայ: Աչքերէն կրակ կը հոսի, ներսի հուրը այրած է կարծես դէմքին մաշկն իսկ, որ կարմրած, ճառագայթներուն հուրէն այրածի մը կը նմանի. խանձում մըն է ինքնին, ներքին այրում մըն է, որ կը թափի դուրս հարուածներով հաւասար, անհաւասար ու մոլորուն:

Հարուածներ` քարին, որոնք մերթ կը խորանան, մերթ սպիներ կը գծեն` կարծր քարին վրայ մեղմ գիծեր շարելով:

Խորութիւնը պոռթկում մըն է կեանքէն կուտակ-կուտակ լեցուած. կեանքը, որ հաճելի էր ատենին, երբ սէրը զգաց ու ապրեցաւ հեռաւոր ափերու վրայ: Աշխատանքին կողքին, տեսաւ սիրուններ քաղաքներու, սլացիկ հասակով թափառող գեղեցիկ մարմիններ իգական, որոնց նմաններուն հանդիպա՞ծ էր արդեօք հայրենի իր գիւղին որեւէ մէկ անկիւնը, կամ փակ աչքերով տեսա՞ծ էր էգ մը գեղադէմ…

Բայց տեսաւ ան, զմայլեցաւ ու ներհոս փափաք մը պարուրեց զինք, փափաք` ունենալու զայն ի՛ր անկողնին մէջ, ի՛ր գիրկը բարի, սիրոյ կարօտ, երիտասարդութեան ժայթքումները յագեցնող, կրակը հանդարտեցնող էութիւն մը ունենալու փափաքը:

Ունեցաւ ու աչքերուն իսկ չհաւատաց: Ի՞րն էր միթէ ան, ի՞րը, որ գիւղի մը միամտութիւնը ամբողջ իր շալակը առած` գնաց քաղաք գործ որոնելու, ապրուստ ճարելու, ապագայ շտկելու, ու ահա ապագան ի՛ր գիրկն է, շա՜տ գեղեցիկ, մարմնաւոր հրեշտակ մը ըլլայ կարծես, որմէ իրեն նման հրեշտակներ ալ կարելի է աշխարհ բերել ու գեղեցկացնել թխամորթ սերունդը պապենական:

Հարուածը խոր է նորէն, սրտին խոր ցաւին նման, ցաւ մը, որ անխօս մարմնին հոգիի ախտն է հիմա, բայց տեղէ մը դուրս կու գայ հարուածներով մարդկային ձեռքի, զղջումներով ալ երբեմն: Զղջում, այո՛, որ ձախող ընտանեկան կեանքէն է, որ գոյացած է, զղջացած է ան ի՛ր միջավայրէն գեղանի գեղջկուհիի մը հետ իր կեանքը կապած չըլլալուն, բայց արդէն ուշ է…

Հարուածելու պահուն ինչե՜ր կը կրկնուին մտքին մէջ, հարցումներ անպատասխան, որոնք երբեմն անլուծելի թնճուկներու կը նմանին: Իւրաքանչիւր հարուածով հարցում մըն է, որ կը պարզուի. ինչո՞ւ չմնաց իր գիւղին մէջ, բայց կարելի՞ էր հոն, տակաւին նախնական տեսք ունեցող գիւղին մէջ ապրուստ ճարել, մինչեւ հիմա ասֆալթին բոյրը չշնչող այդ թաղերուն մէջ, նախնական այո՛, ու դեռ այնպէս է, մինչեւ ե՞րբ…

Կը խոկայ ան իւրաքանչիւր հարցումէ ետք: Խոկումը կ՛արտայայտէ խորութիւն մը` յղկելով, ձեւաւորելով իր միտքը կարծես, փայլեցնելով զայն: Քանի մը հարցումէ ետք փոսեր ու բարձրութիւններ կը գոյանան, ալիքներ` քարեղէն, ժայթքումներ` ցաւատանջ հոգիի մը խորերէն:

Դէմքին բարութիւնը կը սկսի փայլիլ իսկոյն ու կը մեղմանան հարուածները, կը գծեն շա՜տ գեղեցիկ պարմանուհի մը, ալեկոծ ու երկար մազերով, վառվռուն աչքերով հրեշտակ մը բարի: Ու կը հոսի կարօտը` հարուածներուն միանալով, երբեմն ալ` զանոնք թրջելով: Ահա այդ պահուն է, որ հարուածները կրկին կը խորանան, ըմբոստ ընդվզումներու տեսքով արագ-արագ իրերայաջորդ հարուածներ տեղի կ՛ունենան:

Իր պարման դստրիկն է ու որքա՜ն օտար մօրը կը նմանի. ո՞ւր են անոնք, ինչո՞ւ լքեցին զինք, ինչո՞ւ չապրեցան իրեն հետ, բայց ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար քաղաքի շռայլութեան, ազատութեան ու համարձակութեան վարժ մէկու մը կեանքը առնչել նահապետական բարքեր կրող գիւղացիի մը հետ:

Այսպէս… հարուած հարուածի ետեւէն, առանց նոյնիսկ անդրադառնալու, կը պարպէ իր պոռթկումը կտոր մը քարի վրայ: Հանգիստ շունչ մը քաշած պահուն կը տեսնէ քրտինքի ու արցունքի կաթիլները, լաթի մը կտորով կը սրբէ զանոնք: Քարին վրայ փորագրուածը պարմանուհիի մը մազին ալիքներով խաչ մըն է, որուն կատարին թռչուն մը կը սաւառնի:

Շնորհքն է, որ դուրս կը սողոսկի ու կը փորէ կրողին ներաշխարհը կտոր մը քարի վրայ: Ու կը գծուի ժպիտ մը` պոռթկումը պարպող անհատին դէմքին: Ան կը տեսնէ գեղեցկութիւն մը եւ իր մէջ կ՛արթննայ ձգտում մը` բարի շնորհքը տաղանդի վերածելու:

 

 

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանները Ծառայութեան Մէջ

0
0

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, ինչպէս Արամ Ա. կաթողիկոս յաճախ կը շեշտէ, ինքզինք կ՛իրագործէ գերազանցօրէն որպէս ծառայութիւն` Հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին: Այս գիտակցութենէն մղուած` դպրեվանքը կը գործէ, եւ միաբան հայրեր հաւատարիմ իրենց կոչումին` կը ծառայեն Անթիլիասի մայրավանքէն ներս ու թեմերուն մէջ:

Վերջին շրջանին միաբանութեան ծառայական դաշտէն ներս հետեւեալ նշանակումները կատարուեցան վեհափառ հայրապետին կողմէ.

– Հրանդ վրդ. Թահանեան: Վանքուվըրի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ ուսումը աւարտելով` ստացաւ մագիստրոսի վկայական եւ վերադարձաւ մայրավանք: Նորին սրբութիւնը զինք նշանակեց կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ: Հայր սուրբը միաժամանակ պիտի դասաւանդէ դպրեվանքէն ներս:

– Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան: Քանատայի հայոց թեմին մէջ իր հովուական ծառայութեան աւարտին, հայր սուրբը վերադարձաւ Անթիլիասի մայրավանք: Ընդառաջելով Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի խնդրանքին, վեհափառ հայրապետը հայր սուրբը նշանակեց հիւսիսային Յունաստանի հոգեւոր հովիւ:

– Զարեհ վրդ. Սարգիսեան: Իր համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք հայր սուրբը վերադարձաւ մայրավանք: Ան նախ Զուիցերիոյ էքիւմենիք  հաստատութեան մէջ հետեւեցաւ միջեկեղեցական ու աստուածաբանական դասընթացքներու եւ ապա Միացեալ Նահանգներու Հոլj Քրոս դպրեվանքին մէջ` ստանալով մագիստրոսի աստիճան: Նորին սրբութիւնը հայր սուրբը նշանակեց կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքի վարիչ. ան միաժամանակ պիտի դասաւանդէ դպրեվանքէն ներս եւ իր մասնակցութիւնը բերէ միջեկեղեցական ժողովներուն:

– Պսակ աբղ. Թեփիրճեան: Ծառայելէ ետք որպէս պատասխանատու Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին, վեհափառ հայրապետին տնօրինումով հայր սուրբը մեկնեցաւ Հռոմ` աստուածաբանական ուսումը շարունակելու համար:

 

Viewing all 12041 articles
Browse latest View live