Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12041 articles
Browse latest View live

Ակնարկ. Մընպեժ, Իտլիպ Եւ Հելսինքի

0
0

Սուրիական պատերազմին հետ կապուած զինուորական ուժերու տեղաբաշխման գործընթացը կը յուշէ ուրուագծուող ազդեցութեան գօտիներու աշխարհագրական սահմանագծումներու ընդհանուր պատկերի մը մասին: Այս տեղաշարժերը սկսած են աւելիով առարկայանալ Թրամփ-Փութին հելսինքեան հանդիպումէն ետք:

Եթէ նկատի ունենանք  Անգարան շահագրգռած ազդեցութեան գօտիները, կը կեդրոնանանք հետեւեալ իրադարձութիւններուն ուղղութեամբ Անգարայի կատարած հրապարակային յայտարարութիւններուն վրայ:

Վերջերս, Մընպեժի զինուորական խորհուրդը յայտարարեց, թէ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու վերջին խումբը, «մարզումի եւ զինուորական պատրաստութեան իր առաքելութիւնը աւարտելէն ետք», Միջազգային ուժերուն հետ համաձայնաբար քաղաքէն դուրս եկած է:

«Այս քայլը համահունչ է իր սահմաններուն մօտիկ շրջաններէն անոր հեռացման թրքական պահանջին», նշեց խորհուրդը:

Սակայն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անդրադառնալով այդ յայտարարութեան, նշեց. «Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու սուրիական Մընպեժէն ամբողջական հեռացման մասին լուրերը չափազանցուած են»:

Քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտնեց, որ Թուրքիան բնաւ չ՛ուզեր Արեւելեան Ղութայի, հիւսիսային Հոմսի եւ ներկայիս Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքի դիպաշարերուն կրկնութիւնը Իտլիպի նահանգին մէջ եւ կ՛աւելցնէր, որ Տարաայի եւ Քնէյթրայի նահանգներուն մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիին դէմ սուրիական վարչակարգի յարձակումներուն պատճառով շարք մը անմեղներ սպաննուած էին եւ հարիւր հազարաւորներ տեղահանուած:

Անգարան բուռն կերպով կը դատապարտէր այդ յարձակումները, որոնք կը վնասէին Ասթանայի եւ Ժընեւի մէջ գետնի վրայ բռնարարքները դադրեցնելու եւ տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու համար շարունակուող բանակցութիւններուն:

Ըստ Անգարայի, սուրիական վարչակարգը կը փորձէ խնդիրը լուծել զինուորական միջոցներով, սակայն Սուրիոյ մէջ այս միջոցով կարելի չէ օրինական իշխանութիւն հաստատել` աւելցնելով, որ Թուրքիան  բացարձակապէս չ՛ուզեր Արեւելեան Ղութայի եւ հիւսիսային Հոմսի մէջ տեղի ունեցած եւ այժմ Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքին մէջ տեղի ունեցող դիպաշարին Իտլիպի մէջ կրկնութիւն` յիշեցնելով 14 յուլիսին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Էրտողանի կատարած այն զգուշացումը, որ Սուրիոյ վարչակարգին կողմէ Իտլիպի դէմ շղթայազերծելիք յարձակումը Ասթանայի համաձայնութեան խախտում մը պիտի ըլլայ:

Մինչ այդ, Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանը կը յայտարարէր, որ Հարաւային Սուրիոյ մէջ զինեալներուն գոյութեան վերջ տալու խնդիրը օրերու հարց է: Մինչ, Իտլիպի հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ պաշարումի տակ գտնուող Ֆուղա եւ Քեֆրայա գիւղերու բնակչութեան դուրս բերման գործողութիւնը կը հասնէր իր աւարտին:

Երկու ուղղութիւններուն վրայ կան տեղաշարժեր: Եթէ առաջինը կը վերաբերի քիւրտ զինեալներուն, որոնց հետ նաեւ որոշ առումով քիւրտ ազգաբնակչութեան, երկրորդի պարագային բնակչային տեղաշարժ, եթէ ոչ` տեղահանութիւն: Ի վերջոյ պաշարումի ենթարկելէ ետք, ապաշրջափակելը համազօր է ըստ էութեան տեղահանութեան:

Առաջին ուղղութիւնը սերտօրէն կապուած է քրտական գործօնին հետ: Այստեղ արդէն Անգարան, երբ կը յայտարարէ, որ Մընպեժի պարագային ամբողջականօրէն չէ իրականացած քիւրտ զինեալներու հեռացումը, ատիկա կը նշանակէ, որ Թուրքիան իբրեւ զինուորական ներկայութիւն տակաւին դեր ունի կատարելիք:

Երկրորդ ուղղութիւնը տեսքով թուրք-սուրիական հակամարտութեան կը վերաբերի, սակայն ուղերձը ուղղուած է Մոսկուային: Կը մէջբերուին Ասթանայի համաձայնութիւնները, եւ կ՛ընդգծուի անոնցմէ խախտում չարձանագրելու համակողմանի  յանձնառութիւնը:

Հարաւային Սուրիայէն զինեալներու հեռացումի ռուսական հաւաստիացումը մտածել կու տայ հելսինքեան հանդիպումին կայացած պայմանաւորուածութեան մը մասին: Պայմանաւորուածութեան յայտնաբար կը ներառուի Անգարան. բայց  ոչ Թեհրանը: Իսկ Իրանը այն երկիրն է, որ արագօրէն տեղի չի տար զինք չէզոքացնելու միտող այս կամ այն գերտէրութեան ծրագիրին:

«Ա.»


Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

0
0

ԱՒՕ ԳԱԹԸՐՃԵԱՆ

Արտաշէս Աբեղեան

Արտաշէս Աբեղեան` բանասէր, պատմաբան, դոկտ. փիլիսոփայութեան, մանկավարժ, հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Մանուկ Աբեղեանի եղբօրորդին:

Ծնած է 1 յունուար 1878 թուականին, Աստապատ (Նախիջեւանի գաւառ): Տարրական կրթութիւնը ստացած է հայրենի գիւղի ծխական դպրոցին մէջ (մինչեւ 1887), աւարտած է Շուշիի թեմական (1890), Թիֆլիսի Ներսիսեան (1895) դպրոցները, Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը (1899): Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Գերմանիոյ Մարպուրկի, Պերլինի, Լայփցիկի համալսարաններուն մէջ (1899-1904):

Անդամակցած է կովկասահայ շարք մը հանրային կազմակերպութիւններու եւ ընկերութիւններու վարչական մարմիններուն: Խմբագրութեան անդամ եղած է «Նոր Դպրոց» մանկավարժական ամսագրին (1908-1913), Թիֆլիս:

1919 թուականին ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Թիֆլիսի Ներսիսեան եւ Յովնանեան դպրոցներուն մէջ:

1919-1920 թուականներուն եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, ուր կարեւոր ներդրում ունեցած է նորանկախ երկրի բարգաւաճման: Աշխատակցած է տեղւոյն «Յառաջ» թերթին:

1921-1922 թուականներուն Կ. Պոլիս, ուսուցիչ եղած է Էսայեան վարժարանին, աշխատակցած է «ճակատամարտ» թերթին:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք եղած է քաղաքական վտարանդի: Բնակութիւն հաստատած է Գերմանիա, եղած է Պերլինի (1922-1945), ապա Միւնիխի համալսարաններու արեւելեան լեզուներու հիմնարկներու հայագիտական ամպիոններու հիմնադիր եւ փրոֆեսէօր:

Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ գլխաւորած է 1942 թուականին Պերլինի մէջ ստեղծուած Հայ ազգային խորհուրդը, որուն նպատակն էր Գերմանիոյ օգնութեամբ Հայաստանի ազատագրումը պոլշեւիկեան լուծէն ու ռուսական տիրապետութենէն, Հայաստանի քաղաքական ինքնավարութեան վերականգնումը:

Աբեղեան անդամ էր Գերմանիոյ Գրողներու միութեան եւ փոխնախագահ Հայեւգերման միութեան: Աշխատակցած է գերման մամուլի, ինչպէս նաեւ արտասահմանի հայ թերթերու եւ հանդէսներու` «Հայրենիք» (օրաթերթ եւ ամսագիր, Պոսթըն), «Յուսաբեր» (Գահիրէ), «Յառաջ» (Փարիզ), «Վէմ» հանդէս (Փարիզ) եւ այլն: Ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ` նուիրուած հայ կեանքին եւ մշակոյթին, պատմաբանասիրական աշխատութիւններ, ուսումնասիրութիւններ, թարգմանած է գիրքեր, կազմած է դասագիրքեր, բառարաններ եւ այլ գիտական, ուսումնասիրական եւ բանասիրական աշխատութիւններ:

Արտաշէս Աբեղեան կը մահանայ 13 մարտ 1955-ին, Միւնիխ:

Մարտիրոս Աբրահամեան

Մարտիրոս Աբրահամեան (Բաշգեառնեցի)` ֆետայի, խմբապետ, ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Մարտիրոս ծնած է 1886-ին, Երեւան գաւառի Բաշ Գեառնի (ներկայիս Գառնի) գիւղը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղի դպրոցին մէջ:

1904-ին անդամակցած է Գայլ Վահանի (Մինաս Տոլպաշեան) «Մասիս» ֆետայական խումբին: 1905-1906 թուականներուն հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ եղած է ինքնապաշտպանական ջոկատի հրամանատար, գործած է Կոտայքի մէջ, ապա, Դրոյի հրամանատարութեամբ, մասնակցած է Սիսիանի եւ Գողթնի պաշտպանութեան: 1908-ին անցած է Պարսկաստան, մասնակցած` պարսկական յեղափոխութեան, որմէ ետք ցարական իշխանութիւններու կողմէ ձերբակալուած եւ 1909-1911 թուականներուն բանտարկուած է Երեւանի, ապա Նովոչերքասքի բանտերուն մէջ:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն (1914-1916 օգոստոսին) Դրոյի կամաւորական 2-րդ գունդի կազմին մէջ եղած է հարիւրեակի հրամանատար:

1918-ին իբրեւ հեծեալ զօրախումբի հրամանատար` մասնակցած է Բաշ Ապարանի ճակատամարտին, աչքի ինկած է խիզախութեամբ: 1920-ին թուրք-հայկական պատերազմի օրերուն պաշտպանած է ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Մարգարայի կամուրջը: 1920-ին դեկտեմբերին գործած է Զանգեզուրի մէջ, 1921-ին ղեկավար մասնակցութիւն ունեցած է Փետրուարեան ապստամբութեան, Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի ստեղծումին: Անոր զօրամասը ազատագրած է Քանաքեռն ու Երեւանը, գրոհած է բանտին վրայ եւ ազատած` քաղաքական ու ռազմական շատ մը գործիչներ:

1921-ին դարձած է վտարանդի եւ ապրած` Թեհրանի մէջ:

Բաշգեառնեցի Մարտիրոս կը մահանայ 1957-ին, Թեհրան:

1990-ին Մարտիրոս Աբրահամեանին աճիւնը Թեհրանէն տեղափոխուած եւ ամփոփուած է Գառնի գիւղին մէջ:

Յարութիւն Աբրահամեան (Չոլօ)

Չոլօ, բուն անունը` Յարութիւն Աբրահամեան: Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1878-ին, Սասուն գաւառի Շէնիկ գիւղը:

1898-ին գործած է Սպաղանաց Մակարի ֆետայական խումբին մէջ, մասնակցած է 1899-ին Սպաղանքի, 1904-ին  եւ 1915-ին  Սասունի ինքնապաշտպանական մարտերուն: 1916-ին, երբ ռուսական զօրքերը գրաւած են Մուշը, կամաւորական ջոկատի կազմին մէջ կռուած է Մշոյ դաշտի, Խնուսի եւ Ալաշկերտի մէջ:

1918-ի մայիսեան անկախութեան գոյամարտին աչքի ինկած է Թալինի բերդի գրաւման ժամանակ: 1921-ին հակապոլշեւիկեան փետրուարեան  ապստամբութեան օրերուն եղած է դէպի Էջմիածին շարժուող զինուած ուժերու կազմին մէջ, այնուհետեւ անցած է Զանգեզուր, այնտեղէն` Պարսկաստան, Սուրիա, Յունաստան:

Չոլօ 1927-ին Հայաստան վերադարձած է եւ բնակութիւն հաստատած` Թալինի շրջանին մէջ: Ստեղծած է իր նոր կեանքի պայմանները, բայց` միշտ հանդիպելով պոլշեւիկեան հալածանքին:

Չոլօ բանտարկուած է, եւ որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, 1937-ին մահացած է բանտին մէջ:

Լեւոն Ադունց

Լեւոն Ադունց` հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի-զինուոր: Ծնած է 1895-ին, Զանգեզուրի Գորիս քաղաքը:

Զինուորական ծառայութեան մուտք գործած է 1916-ին: Մասնակցած է Ա. Աշխարհամարտին,  կովկասեան ռազմաճակատի վրայ:

1918-ին Սարդարապատի ճակատամարտին մասնակցած է 5-րդ գունդի կազմին մէջ: Պարգեւատրուած է Գէորգիեւեան 2-րդ, 3-րդ եւ 4-րդ աստիճանի խաչերով:

Լեւոն Ադունց մահացած է 1987-ին:

Աւետիս Ահարոնեան

Աւետիս Ահարոնեան` գրող, հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 4 յունուար 1866-ին, Իգտիր (Ցոլակերտ) աւանին մօտ, Մասիսի ստորոտը, Երասխ գետի աջ ափին Իգտիր-Մաւա գիւղը: Ահարոնեան 1886-ին աւարտած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, 1901-ին` Լոզանի համալսարանը եւ Սորպոնի համալսարանի գրականութեան դասընթացները: Դեռ ուսանելու տարիներուն ծաւալած է հայանպաստ գործունէութիւն. Հայկական հարցը ներկայացուցած է եւրոպական գործիչներուն: 1907-ին Լա Հէյի խաղաղութեան խորհրդաժողովին, ըլլալով հայկական պատուիրակութեան անդամ, հանդէս կու գայ Հայկական հարցի լուծման խնդրագիրով: Անդամակցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան: Աշխատակցած է «Մուրճ» ամսագրին, «Յառաջ» եւ «Ալիք» թերթերուն: Եղած է ուսուցիչ, 1907-1909 թուականներուն` Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի տնօրէն:

1917-ին ընտրուած է Հայոց ազգային խորհուրդի նախագահ, 1919-ին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան (1918-1920 թթ.) խորհրդարանի անդամ, ապա` նախագահ: Ահարոնեան, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը վարած է 5 օգոստոս 1919-էն մինչեւ 4 նոյեմբեր 1920:

1919-1920 թուականներուն Փարիզի հաշտութեան խորհրդաժողովին ղեկավարած է Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը:

Ա. Ահարոնեան 10 օգոստոս 1920-ին Սեւրի մէջ (Փարիզի մօտ) ստորագրած է Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը: Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրի Հայաստանի նկատմամբ բաժինը կ՛ընդգրկէր 88-93-րդ յօդուածները, որոնցմով Թուրքիա Հայաստանը կը ճանչնար իբրեւ ազատ ու անկախ պետութիւն:

Ան մասնակցած է Լոնտոնի (1921) եւ Լոզանի (1922-1923) խորհրդաժողովներուն: Հայ դատին վերաբերող իր խորհրդածութիւնները ամփոփած է «Սարդարապատից մինչեւ Սեւր եւ Լոզան» (1943) գիրքին մէջ:

1894-ին «Մշակ»-ի մէջ լոյս տեսած է Ահարոնեանի «Լուրեր սահմանի այն կողմից» խորագրով յօդուածաշարքը, որ նուիրուած էր արեւմտահայութեան կեանքին: Այնուհետեւ հրատարակուած են արեւմտահայ գաղթականներուն, ազգային-ազատագրական շարժումին նուիրուած անոր պատմուածքները («Խայ», «Ռաշիտ», «Խաւարես, լուսին», «Զարթի՛ր, Աստուա՛ծ», «Պատիւ», «Էլ մի աղօթիր», «Ջաւօ», «Արիւնոտ թթխմոր» եւ այլն), որոնք ներառուած են «Պատկերներ» (1899) եւ «Ազատութեան ճանապարհին» (1908) ժողովածուներուն մէջ:

1923-ին Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին մէջ եւ առանձին հատորներով լոյս տեսած են Ահարոնեանի պատմուածքները, վիպակները, վէպերը, գրական, քաղաքական ուսումնասիրութիւնները:

1934-ին փետրուարին Մարսէյի մէջ ելոյթի մը պահուն ան կաթուածահար եղած է եւ այլեւս չէ ստեղծագործած:

Ահարոնեանի շարք մը գործերուն մէջ նկատելի է խորհրդապաշտութեան ազդեցութիւնը («Արցունքի հովիտը», 1907, «Լռութիւն», 1904 , «Սեւ թռչուն», 1910):

Ահարոնեանը գրած է նաեւ «Քրիստափոր Միքայէլեան» (1926), «Իմ գիրքը» (1927-1931) երկերը, «Իտալիայում» (1903), «Շուէյցարական գիւղը» (1913) ուղեգրութիւնները եւ այլ գործեր:

Աւետիս Ահարոնեան կը մահանայ 20 մարտ 1948-ին, Փարիզ:

(Շար. 2)

 

Տեսակէտ. Ի Զուր Կը Սպասէք

0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Թաւշեայ յեղափոխութեան սկիզբէն մինչեւ օրս տակաւին կան մարդիկ, որոնք անհամբեր կը սպասեն Նիկոլ Փաշինեանի անկումին:

Յեղափոխութեան առաջին օրերուն հոս-հոն լսեցինք, որ յեղափոխականներուն մաս մը միասեռական է, մաս մըն ալ` Եհովայի վկաներ:

Յեղափոխութենէն ետք սկսանք լսել, որ Նիկոլ Փաշինեանի քատրերը բոլորն ալ կասկածելի անցեալ ունին կամ սկանտալային պահածք:

Աւելի ուշ նախարարութեան նշանակումներու մէջ ալ ըսելիք ունեցան` մէկուն հասակը կարճ է, միւսը մշակոյթէ չի հասկնար, կրթական եւ սփիւռքի նախարարներու հասցէին տարբեր հաստատումներ եղան:

Փտածութեան դէմ պայքարն ալ կասկածի տակ առին. ինչո՞ւ այս պահուն այս անձը կամ ինչո՞ւ այս ընկերութիւնը եւ ոչ թէ ուրիշ մը:

Հիմա ըսեմ ըսելիքս:

Սիրելինե՛ր.

Որքան ալ բամբասէք, կասկածիք, թերահաւատ կամ քմծիծաղով մօտենաք, գիտցէք, լաւ գիտցէք, որ ժամանակը ի նպաստ փտածութեան դէմ պայքարին է:

20 միլիոն տոլարի տուրքերու վերստանալը առաջին 100 օրուան աշխատանքին մէջ էր: Այսպէս ըսած ստուերային իշխանութեան գլուխներուն, նախկին համակարգին վերաբերող բացայայտումները, Մանուէլ Գրիգորեանի տիպարի իրական պատկերի ընդգծումը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ թալանին մասնակցածներու սարսափը եւ վախը:

Սարսափի եւ վախի մէջ են բոլոր անոնք, որոնք հեռուէն կամ մօտէն փտածութեան մեղսակից էին:

Մենք` դաշնակցականներս պէտք չէ մտահոգուինք, որովհետեւ մենք նախկին կառավարութեան մէջ եղած օրերուն արդէն դէմ էինք փտածութեան եւ կը դատապարտէինք: Ուրեմն թող վախնան անոնք միայն, որոնք գործակցած են կամ տակաւին կը գործակցին փտածներուն հետ:

Ի զուր մի սպասէք Նիկոլի անկումին: Այդ ալ ըսեմ, որ եթէ Նիկոլը ձախողի այլընտրանքի վերադարձ նախկին համակարգը չէ եւ չի կրնար ըլլալ:

Ապագան Հայաստանի հպարտ եւ ազատ քաղաքացիներո՛ւն է:

 

 

Արամ Մանուկեանը Սիմոն Զաւարեանի Մասին

0
0

17 յուլիսին Երեւանի կեդրոնում տեղի ունեցաւ Արամ Մանուկեանի արձանի բացման արարողութիւնը: Այս առիթով կայքէջը ծրագրել էր Ա. Մանուկեանի մասին նիւթ հրապարակել: Ճիշդ գտանք, սակայն, խօսքը տալ հէնց իրեն` Արամին, հրատարակելով Սիմոն Զաւարեանի մահուան առիթով գրուած նրա խօսքը: Զաւարեան մարդու եւ գաղափարական գործչի անցած ճանապարհի ու վաստակի վերաբերեալ սեղմ շարադրանքի մէջ ցայտուն ձեւով արտացոլւում է եւ ինքը` խօսքի հեղինակը: Շարադրանքի տողատակերից ցոլանում է Արամ Մանուկեան ազգային ու գաղափարական մարդը, նուիրեալ հայրենասէրն ու ազնիւ հայորդին: Դաշնակցութեան հիմնադիր անդամին նուիրուած` «Կենսագրական ակնարկներ» ենթախորագրով շարադրանքի վերջում Ս. Զաւարեանի վերաբերեալ Արամը գրում է. «Կը մտածեմ ու ծնկաչոք կը խոնարհիմ անոր աճիւններուն առջեւ, կը խոնարհիմ` հաւատալով, որ այսուհետեւ ալ անոր ոգին մեզ պիտի ոգեւորէ, մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի հեռաւոր իտէալները…»:

«Պիտի ապրինք դեռ եւ դե՛ռ շատ Զաւարեաններ պիտի տանք…

Պիտի ապրինք դեռ, մինչեւ որ հայ ժողովուրդը հասնի «Աւետեաց Երկիր»:

Մարգարէացաւ Արամը` կանխագուշակելով կամ գուցէ վճռելով ինքն իր համար. «Պիտի ապրինք դեռ, մինչեւ որ հայ ժողովուրդը հասնի «Աւետեաց Երկիր»:

Ճակատագրի կամօք ինքն էլ դարձաւ այն «Մովսէսը», ով պիտի առաջնորդէր հայ ժողովրդին դէպի այդ «Աւետեաց Երկիրը», դէպի անկախ ԵՒ ԱԶԱՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Արամ Մանուկեանի «Սիմոն Զաւարեան» յօդուածը տպագրուել է Վանի ՀՅԴ «Աշխատանք» թերթում` 1913 թուականին (ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՆԱՄԱԿԱՆԻ, ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ 2018թ. էջ 638-642):

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԿԱՅՔ

 

Սիմէոն Զաւարեան

(Կենսագրական ակնարկներ)

Հեռագիրը Պոլսէն գուժեց ՀՅ Դաշնակցութեան վաղեմի վեթերան Սիմէոն Զաւարեանի մահը, 47 տարեկան հասակին մէջ:

Բօթի ազդեցութիւնը այնքան ուժեղ է, որ անկարելի է հաշտուիլ երէկուան մեր առաջնորդի կենսագրութիւնը գրելու տխուր դերին հետ:

Դժուար է ատիկա մանաւանդ այն պատճառով, որ Զաւարէանի կենսագրութիւնը գրել` կը նշանակէ գրել Դաշնակցութեան պատմութիւնը, որովհետեւ անիկա ոչ միայն կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկն է, այլեւ հիմնադրութեան օրէն մինչեւ մահուան ժամը անոր ազնուագոյն դրօշակակիրն եղաւ:

Չկայ կուսակցութեան մէջ խոշոր ձեռնարկ մը, ուր նա իր գործօն աջակցութիւնը բերած չըլլայ: Անհնարին է գրել կենսագրական մանրամասնութիւններ նաեւ այն պատճառով, որ հոս կը պակսին չոր նիւթեր:

Թողլով կուսակցութեան պաշտօնական օրկանին, ինչպէս նաեւ կուսակցական թերթերուն տալ շահեկան մանրամասնութիւններ մեր այնքան սիրուած ընկերոջ մասին, մենք կը բաւականանանք միայն խոշոր գիծերով ներկայացնել այդ փայլուն դէմքը: Զաւարեան Ռուսահայաստանի Ղազախ գաւառէն է. հայ ազնուական ընտանիքէ: Ազնուական ընտանիքի մէջ ծնաւ ապագային ազնուականութեան դէմ պայքարելու համար:

Մէկ անգամ, կ՛ըսէր ան, իր ազնուական կոչումը պէտք եղած է իրեն, այն ալ` միմիայն բանտերու մէջ, որովհետեւ ռուսական օրէնքով ազնուականները մեծ դիւրութիւններ կը վայելեն բանտի մէջ:

Իր միջնակարգ կրթութիւնը ստացաւ Թիֆլիսի պետական գիմնազիոնի մէջ: Պատանեկութիւնը եւ երիտասարդութիւնը անցուց ռուսական շրջանակներուն մէջ: Իսկ այդ թուականներուն (1870-80) ռուս մտաւորականութիւնը բռնած էր լայն ժողովրդական ընկերվարական ուղղութիւն:

Այդ ժամանակ Ռուսիոյ մէջ, մասնաւորապէս` մտաւորականներու մէջ, տիրապետող յեղափոխական քաղաքական կուսակցութիւնը «Նարոդնայեա Վոլիա»-ն էր, որ ռուս յեղափոխական պատմութեան ոսկեդարը կը կազմէ: Թերեւս ո՛չ մէկ ժողովրդական յեղափոխական կուսակցութիւն տուած չէ այնքան գաղափարական, այնքան անձնուէր ժողովրդասէր հերոսներ, որքան ռուսական «Նարոդնայեա Վոլիա»-ն:

Դուք անոր շարքերուն մէջ կը գտնէք ազնուական դասի որդիներ ու օրիորդներ, որոնք փախուստ տալով ընտանիքէ, փառահեղ դիրքերէ ու պաշտօններէ, իբրեւ հասարակ բանուոր, կօշկակար, հազուագիւտ անգամ ուսուցիչ ու հիւանդապահ` կ՛երթային «Դէպի՛ ժողովուրդ»:

Դէպի ժողովուրդ… այդ էր ժամանակակից ռուս մտաւորականի իտէալը. դէպի՛ ժողովուրդ` լուսաւորելու, կրթելու, կազմակերպելու եւ ըմբոստացնելու զայն իր դահիճներու, յաճախ հէնց իր ազնուական հայրերուն դէմ:

Եւ այս բոլորը` սարսափելի գնով: Ապրելով ժողովուրդի մէջ, հագնելով անոր նման, ուտելով նրա կերածը եւ խօսելով անոր լեզուն: Անոնց կենսագրութիւնը կարդացողը կարծես գործ ունի քրիստոնէութեան առաջին դարերու սուրբերուն հետ…

Ահա այսպիսի գաղափարական ու բարոյական մեծ մթնոլորտի մէջ սնաւ այն մարդը, որ հայկական աւելի դաժան կեանքի մէջ հանդիսացաւ նոյն անձնազոհ սուրբը, եւ որ այսօր յետին չքաւորութեան մէջ կնքեց իր մահկանացուն:

Դեռ գիմնազիոնի աշակերտական սեղանի վրայ` նա եղաւ անդամ «Նարոդնայեա Վոլիա»-ին եւ 7-րդ կարգին մէջ եղած ատեն բանտարկուեցաւ 7 ամիս` այդ կուսակցութեան պատկանելուն համար:

Զաւարեան իր համալսարանական ուսումը ստացաւ Փեթերսպուրկի «Ալեքսանդրեան ակադեմիա»-ի մէջ` ուսանելով գիւղատնտեսութիւն: Այդ համալսարանը վերջէն գոցուեցաւ ռուս կառավարութեան կողմէ, որովհետեւ յեղափոխականներ պատրաստեց: Համալսարանի սեղանին վրայ նա եղաւ առաջնորդ ու իտէալը ամբողջ համալսարանի թէ՛ ռուս, թէ՛ լեհ, թէ՛ հրեայ եւ թէ՛ հայ ուսանողութեան:

Միջազգայնութեան կամ, աւելի ճիշդ, քոզմոփոլիթիզմի շրջանն էր: Զաւարեան ոգեւորուած քոզմոփոլիթ էր: Եւ խտրութիւն չէր դնէր ո՛չ հայի, ո՛չ ռուսի եւ ոչ ալ թուրքի միջեւ…

Համալսարանը աւարտեց 1890-ին փայլուն վկայականով եւ ճամբորդեց Կովկաս` հայ երկրի մէջ տարածելու այն գիտութիւնը, զօր ստացած էր մայրաքաղաքին մէջ:

Փայլուն վկայականով հայրենիք դարձող երիտասարդը ո՛չ միայն չի մտածէր իր անձնական ապահովութեան մասին, այլ նաեւ իր մէջը խեղդած խորունկ գիտնականի միտքը` կը նետուի հասարակական յեղափոխական կեանքի մէջ:

Ով որ ծանօթ է Զաւարեանի ռուսերէն լեզուով լոյս ընծայած գիտական ուսումնասիրութիւններուն, որոնք հրատարակուած են ռուս կառավարութեան Կովկասի գիւղատնտեսական ընկ. կողմէ, ինչպէս` «Կովկասի անբերրութեան պատճառները», ան կը համոզուի, որ ուրիշ ազգի մը եւ ուրիշ պայմաններու մէջ Զաւարեան կ՛ըլլար մեծ գիտնական մը. բայց հայկական կեանքի մէջ, բանաստեղծի ըսածին պէս, «սուր, չի թողնում, որ աշուղ դառնամ»: Դառնալով Կովկաս` Զաւարեանի գործը կ՛ըլլայ հայերու մէջն ալ կազմակերպել «Նարոդնայեա Վոլիա»-ի մասնաճիւղեր:

Այդ ժամանակները, 1870-80ականներուն, Պալքանեան փոքր ազգերու ազատագրութեան, ռուս-թուրքական պատերազմներու օրերն էին, երբ դեռ նոր էր ծայր տուեր «Հայկական հարցը»: Նոր սկսած էին խօսիլ թուրքահայ տառապանքի եւ անոր ազատագրութեան միջոցներուն մասին:

Ահա երկընտրանք մը` երիտասարդներու առջեւ: Կա՛մ տարուիլ ռուսական համամարդկային հոսանքով, եւ կա՛մ նոյն գաղափարներով տոգորուած` նուիրուիլ սեփական ժողովուրդի ազատագրման: Հոս է, որ մեծ դեր կը կատարէ Զաւարեանի անբաժանելի ընկեր Քրիստափոր: Թողունք, որ Զաւարեան ինք խօսի այդ մասին: Քրիստափորին նուիրուած գրքոյկին մէջ. այսպէս կը գրէ Զաւարեան` ընկերական հաւաքոյթի մը մասին խօսելով. «Վէճը ազգայնութեան մասին էր, ցանկալի՞ է արդեօք, որ փոքրիկ ազգերը պահպանեն իրենց ազգային գոյութիւնը, թէ՞ մարդկութեան շահի ու յառաջդիմութեան տեսակէտից աւելի լաւ է, որ նրանք ձուլուեն մեծերի հետ, ունենան մի համաշխարհային լեզու, մի գրականութիւն, յարաբերութեան մի բառարան:

Ես էլ միւս «կարմիրների» հետ տաք-տաք ապացուցում էի, որ յետադիմութիւն է ստեղծել մանր ու մունր գրականութիւններ, պահպանել առաջուց մեռելութեան դատապարտուած լեզուները»:

Միխայէլովը (1) մեզ հետ թէեւ համամիտ չէր, բայց չէր յարձակւում, չէր տաքանում:

վերջը միայն մի հարց տուեց նա. լա՛ւ, վերջը մի լեզու է լինելու, բայց մինչեւ այդ, ի՞նչ լեզուով են զարգանալու հայը, վրացին եւ այլ միլիոնաւոր բազմութիւններ, յանուն ո՞ր արդարութեան փոքրիկ ոչխարը պիտի չարածէ բնութեան այն արօտներում, ուր պտտում է եւ աւելի խոշոր տաւարը, յանուն ո՞ր արդարութեան: Այս միտքն այն քան պարզ էր, որ մենք շփոթուեցինք եւ թէեւ վիճում էինք, բայց սրտներիս խորքում համակերպուեցինք անոր ճշմարտութեան հետ: Հայ ժողովրդի մասին մտածելը մեզ համար դարձաւ նոյնչափ արդարացի, ինչ չափ եւ` ռուս գիւղացու մասին հոգալը»:

Եւ հայրենիքի տառապանքի ձայնը կը յաղթանակէ: «Նարոդնայեա Վոլիա»-ի դրօշակին տակ կազմակերպուած հայ խմբակը կ՛որոշէ նուիրուիլ տաճկահայ դատին: Այդ ժամանակ կազմուած էին նաեւ ուրիշ խմբակցութիւններ` նոյն նպատակով, ինչպէս` «Հայրենասէրներու խմբակը», «Հնչակեան խմբակ» եւ այլն: Այդ բոլոր խմբակցութիւնները մկրտուած ըլլալով նոյն ռուս գաղափարական աւազանին մէջ, նուիրուած նոյն գաղափարին` կը մտադրեն միանալ մէկ դրօշակի տակ եւ գործել միացեալ ուժերով: Ահա՛ այս միացեալ ուժէն է, որ առաջ կու գայ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որմէ դժբախտաբար մեծ մասամբ անձնական պատճառներով կ՛անջատուի Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ կը շարունակէ իր առանձին գործունէութիւնը: Դաշնակցութիւնը կազմուած է արդէն. ռուսական «Դէպի ժողովուրդ» նշանաբանը մեզ մօտ կը փոխուի «Դէպի երկի՛ր» կոչին: «Դէպի երկի՛ր» հայկական զրկանքները տեսնելու, դէպի երկի՛ր` ժողովուրդը ուսումնասիրելու, դէպի երկի՛ր` ժողովուրդը լուսաւորելու, դէպի երկի՛ր ժողովուրդը ըմբոստացնելու իր դահիճներուն դէմ: Եւ ահա հայկական փլէադը (2): Կուկունեան, Գոլոշեան, Պետօ, Մարտիկ (հնչակեան), Մարգար վարժապետ եւ ուրիշներ…

Զաւարեան 91 թուին արդէն Տրապիզոն է, ազգային վարժարանի ուսուցիչ, բայց այդ լեկալ գործունէութեան համար Համիտեան ռեժիմը ասպարէզ չէր տար: Մէկ քանի ամիսէն ետք Զաւարեան Տրապիզոնի բանտն է, ապա դատարանի առջեւ եւ յետոյ քշուած` Ռուսաստան: Բայց հոն ալ հանգիստ չի մնար, հոն ալ` միշտ բանտ, միշտ աքսոր… Ու այնուհետեւ կու գան հայկական սարսափի օրերը:

Յեղափոխական երիտասարդութիւնը կը պատրաստուի հակահարուածի: Ահա՛ «Պանք օթոմանը», ահա՛ «Խանասորը», Զաւարեան երկուսի հոգին է… 90-ական լքման տարիները նա փոքրիկ խմբի հետ պատնէշի վրայ է` այս անգամ գրչով հայկական ռէակսիոնը վանելու համար: «Դրօշակ»-ի [18]98, 99, 900 թիւերու մարտական լեզուն յայտնի է ընթերցողներուն: 903-ին (3) մթնոլորտը կը փոխուի, Պուլկարիոյ մէջ գումարուած Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը նոր գործունէութեան ուրուագիծը կը պատրաստէ: Մասսայական շարժումներու պատրաստութիւն` Սասունի, Վանի եւ Կիլիկիոյ մէջ: Մեծ մարդասպանի դէմ դաւադրութիւն` Պոլսոյ մէջ:

Դերերը կը բաժնուին, հայդուկները հրացանները ձեռներնին` դէպի Մուշ, Վան: Քրիստափորը եւ ընկերները ռումբը ձեռներնին` դէպի Պոլիս, իսկ Զաւարեան փրոփականդիստի գաւազան ձեռքը` դէպի Կիլիկիա: Ի՞նչ պատահեցաւ Սասուն, Վան եւ Պոլիս, յայտնի է. բայց ի՞նչ եղաւ Կիլիկիա, այդ քիչերը իմացան: Պէյրութի համալսարանի եւ ուրիշ քաղաքներու երիտասարդ ուսանողութիւնը գիտէ, թէ ի՛նչ եղաւ հոն:

Զաւարեան հոն անմիջական գործունէութեան (մասսայական շարժում) համար հող չգտաւ: Եւ եկաւ այն եզրակացութեան, թէ տակաւին պէտք է ամէն բան այբուբենէն սկսել: Հրացաններու հետ հոն փոխադրել տուաւ Րաֆֆիի գիրքերը:

Երկու տարուան գործունէութենէն ետք, որուն արդիւնքը եղաւ բազմաթիւ երիտասարդ ուժերու երեւան գալը, որոնք այսօր Փոքր Հայքի եւ Կիլիկիոյ լաւագոյն ուժերն են, Զաւարեան կը մեկնի Ժընեւ 1906 թուին, երբ արդէն սկսած էր կովկասեան յեղափոխական շարժումը եւ ապա` հայ-թուրքական ընդհարումները:

Այդ պատմութիւնը ամէնուն յայտնի է: Այդ սեւ օրերուն, երբ «Կովկասեան վանդէան» մէկ կողմէ եւ երիտասարդ ուժերու լքումը միւս կողմէ` Կուսակցութիւնը դրած էին անելի մէջ, նորէն Զաւարեան եւ սակաւաթիւ ընկերներն են, որոնք չեն լքեր տաճկահայ դատը եւ կը պահպանեն թուրքահայ եւ ռուսահայ միութիւնը: Ահա վերջապէս եւ 1908 թուի ազատութեան օրերը` Թուրքիոյ համար:

Զաւարեան դարձեալ ամէնէն առաջ հոն է, Պոլսոյ մէջ: Նա էր, որ սկիզբ դրաւ ազատական ու հասարակական դասախօսութիւններու շարքին: Նա էր, որ նախաձեռնարկը եղաւ «Ազատութեան մատենադարան»-ի հրատարակութեանց: Ազատութեան օրերուն կը յաջորդեն Ատանայի կոտորածները: Զաւարեանը դարձեալ հոն է. կը կազմակերպէ աղէտեալներու օգնութեան գործը եւ ջարդի պատճառներն ու հետեւանքները կ՛ուսումնասիրէ մեծ ձեռնհասութեամբ:

Այնուհետեւ կը տեսնենք զինք Մուշի մէջ` թեմական տեսչի պաշտօնով: Ընթերցողները կը յիշեն անշուշտ այն ոգեւորութիւնը, զոր անիկա առաջ բերաւ այդ շրջանին մէջ: Բացուեցան 100-է աւելի վարժարաններ, որոնք ստացան բազմաթիւ գումարներ` հայկական գաղութներէն… Եւ այդ նպաստները կը տեղային Մուշ` Զաւարեանի անձնաւորութեան հանդէպ ուրիշներու ունեցած յարգանքին պատճառով:

Շատեր տեսան, թէ ի՛նչ պայմաններու տակ անիկա մեկնեցաւ Մուշէն, հալածուած` հաստափոր կղերականներէ եւ աղաներէ… մերկ ու գրպանը դատարկ, բայց հպարտ եւ մաքուր, այնքան մաքուր` դրամական հարցերու մէջ, որ անոր առջեւ կը խոնարհէին ո՛չ միայն ընկերներ, այլ` եւ հակառակորդները:

Եւ դարձեալ Պոլիս: Նա էր, որ առաջին անգամ սկսաւ հարուածել Իթթիհատը «Ազատամարտ»-ի էջերուն մէջ` խորապէս ազդուած այն խաբէական քաղաքականութենէն, որ Իթթիհատը ունեցաւ հայ ազգային պահանջներուն հանդէպ: Նա միշտ մնաց հաւատարիմ ու անկեղծ` իր ներքին զգացումներու առջեւ, անկաշառ` ի՛ր համոզումներուն մէջ, միշտ թարմ` իր գաղափարականութեան մէջ, միշտ սիրող երիտասարդութիւնը եւ սիրուած անկէ, միշտ պահապան հրեշտակ` կուսակցութեան մաքրութեան ու առաջդիմութեան.. Եւ այժմ` երբ կը յիշեմ անոր մարգարէական անէծքներն ու կոչերը մեր ընդհանուր ժողովներուն մէջ, երբ կը մտաբերեմ այն տիրական ազդեցութիւնը, զոր ունէր ան ամէնուն վրայ, կը յիշեմ եւ այն, որ ամէնքն ալ կը պնդէին, թէ Զաւարեանը բազմիցս փրկած է կուսակցութիւնը անկումներէ:

Կը յիշեմ ու կը մտածեմ, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ այսուհետեւ մեր կուսակցութեան մարգարէն, անոր թերութիւնը անիծող Մովսէսը, բայց եւ միեւնոյն ատեն զայն դէպի Աւետեաց Երկիր առաջնորդողը` անփառունակ ու դաժան անապատներէ…

Կը մտածեմ ու ծնկաչոք կը խոնարհիմ անոր աճիւններուն առջեւ, կը խոնարհիմ` հաւատալով, որ այսուհետեւ ալ անոր ոգին մեզ պիտի ոգեւորէ, մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի հեռաւոր իտէալները…

Կը մտածեմ եւ չեմ յուսահատիր, որովհետեւ երրորդութեան մէկ անդամը, հաստատուն կաղնին դեռ կանգուն է (4), եւ անոր արդէն շրջապատած են իր որդիներն ու թոռները…

Պիտի ապրինք դեռ եւ դե՛ռ շատ Զաւարեաններ պիտի տանք…

Պիտի ապրինք դեռ, մինչեւ որ հայ ժողովուրդը հասնի «Աւետեաց Երկիր»: Իսկ մինչ այդ` փա՜ռք ընկնողներուն…

 

(1).- Խօսքը Քրիստափոր Միքայէլէանի մասին է:
(2).- Միեւնոյն ժամանակ երեւան եկող մտաւորական կամ այլ փայլուն գործիչներու բոյլ:
(3).- Պէտք է ըլլայ 1904 (փետրուար-մարտ ամիսներ):
(4).- Ակնարկութիւնը Ռոստոմի համար է:

Ակնարկ. Միջազգային Փաստաթուղթերով Նշուած Հայկական Ամրագրումներ

0
0

Լրագրողներուն հետ վարչապետ Փաշինեանի  ունեցած հանդիպումը շօշափեց հարցերու լայնածիր շրջագիծ:

Եթէ լուսարձակի տակ առնենք արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ վարչապետին կատարած պարզաբանումները, ապա այնտեղ կը նկատենք երանգային որոշ շեշտադրումներ, որոնք ընդհանուր գիծերու մէջ կը պահեն իր կատարած յայտարարութիւններու հետեւողականութիւնը:

Այսպէս. նախ բառացի մէջբերենք այս պարագային պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը պարզաբանող վարչապետին խօսքը. «Առանց Արցախի ժողովուրդի մասնակցութեան Արցախի հարցի լուծում չի կրնար կայանալ: Բոլոր փաստաթուղթերուն մէջ արձանագրուած է, որ վերջնական փուլին պէտք է Արցախը ներգրաւուած ըլլայ գործընթացին մէջ. եթէ մենք կը խօսինք վերջնական կարգաւորումի մասին, ուրեմն Արցախը պէտք է ներգրաւուած ըլլայ. մինչեւ այդ, պէտք է շարունակուին քննարկումները. ինչպէս Ստեփանակերտի մէջ յայտարարած էի ասուլիսի ժամանակ, մենք պատրաստ ենք բանակցելու Ազրպէյճանի նախագահին հետ. բանակցութեան նիւթ կայ. պէտք է ամբողջական նիւթերուն ծանօթանանք. բանակցութիւնը նոյնքան օգտակար է. պէտք է որոշակի վստահութեան մթնոլորտ ստեղծուի, որպէսզի հարցը կարգաւորուի: Մենք պատրաստ ենք ջանքեր գործադրելու մթնոլորտ ձեւաւորելու համար. անընդունելի է Պաքուի ռազմաշունչ հռետորաբանութիւնը. Հայաստանը չի խաթարեր մթնոլորտը»:

Այստեղ աւելի պարզ կը դառնայ իր վերջնական համաձայնութիւնը տալու արցախեան կողմին բացարձակ իրաւունքը: Նախապէս խօսուած էր Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադարձի անհրաժեշտութեան մասին եւ որոշ անմիջականութեան մղում փոխանցուած այդ առումով: Հիմա թէեւ վերջնական փուլին արցախեան կողմի ներգրաւուածութեան մասին հաստատում կը կատարուի կամ վերջնական կարգաւորման գործընթացին Արցախի ներգրաւման հրամայականին կ՛ակնարկուի, սակայն կարեւորագոյն պարզաբանում կը ձեւակերպուի եւ պայմանականութիւնը առաւել եւս կ՛ընդգծուի:

Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադարձը ենթադրել կու տար վերջնական համաձայնագիրի կնքումին համար եռակողմ ստորագրութիւն: Ենթադրաբար նաեւ, որ եթէ պաշտօնական Ստեփանակերտը ներկայացնող Արցախի Հանրապետութեան օրուան իշխանութիւնները  իրենց համաձայնութիւնը տային քննարկուող փաստաթուղթին կամ համաձայնագիրի կէտերուն, այդ պարագային բանակցող Երեւանը եւս համադրելով իր քննարկումները Ստեփանակերտի հետ կը վերջնականացնէ իր դիրքորոշումը լուծման տարբերակին:

Վարչապետը կը շրջէ այս պատկերացումը կարեւոր յստակացումով մը: Պաշտօնական Երեւանի եւ պաշտօնական Ստեփանակերտի իրաւասութիւններէն վեր` Արցախի՛ ժողովուրդն է, որ առաջադրուած լուծման տարբերակին պէտք է տայ իր համաձայնութիւնը: Որովհետեւ վարչապետին բառերով` առանց Արցախի ժողովուրդի մասնակցութեան Արցախի հարցի լուծում չի կրնար կայանալ:

Արցախի մասին վարչապետին կատարած պարզաբանումներու ամբողջութիւնը նկատի ունենալով` բանակցային կամ առհասարակ կարգաւորման ճանապարհային քարտէսի հետեւեալ ուրուագծումը տեսանելի կը դառնայ:

Բանակցութիւնները կը շարունակուին` հիմնականին մէջ լուծման համար անհրաժեշտ մթնոլորտը ձեւաւորելու համար: Այդ մթնոլորտի ձեւաւորման համար անհրաժեշտ են միջազգային միջնորդներու մասնակցութեամբ կայացած պայմանաւորուածութիւններու յարգումը (ինչ որ կը կատարէ հայկական կողմը): Այդ մթնոլորտի ձեւաւորման չի նպաստեր Պաքուն, այլ ընդհակառակն` կ՛արգելակէ նման առաջադրանքներու իրականացումը հրադադար խախտելով, ռազմական պիւտճէ ուռճացնելով, ռազմատենչ հռետորաբանութեան թափ տալով: Հակառակ այդ բոլորին, հայկական կողմը իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ առաջադրանքի կատարման համար իր ներդրումը ունենալու:

Այդ մթնոլորտի ձեւաւորումէն ետք Ստեփանակերտը կը ներգրաւուի բանակցութիւններուն իբրեւ բանակցող կողմ: Վերջնական փուլը չի նշանակեր անշուշտ համաձայնութեան ստորագրութիւն: Որովհետեւ բառակապակցութիւնները այստեղ յստակ են. Արցախը կը ներգրաւուի կարգաւորման գործընթացին: Գործընթաց է, որ կը սկսի սկզբունքով յանգելու համար վերջնական համաձայնութեան: Իսկ որեւէ վերջնական համաձայնութիւն չի կայանար առանց Արցախի ժողովուրդի մասնակցութեան, ժողովրդավարական կարգերով ղեկավարուող պետութեան մը համար առանց հանրաքուէի, առանց ժողովուրդի կամ արտայայտութեան:

Ի դէպ, վարչապետ Փաշինեանի կատարած այս երանգային շեշտադրումները միջազգային տարբեր փաստաթուղթերու մէջ ունին իրենց նշումները: Առ այդ, ի տարբերութիւն Պաքուի, Երեւանը նոյն լեզուն, նոյն մասնագիտական բառապաշարը, քաղաքագիտական նոյն ըսելաձեւերը կ՛օգտագործէ թէ՛ ներքին լսարանին համար եւ թէ՛ միջազգային տարբեր ատեաններուն մէջ:

Հրապարակուած փաստաթուղթերուն մէջ նշումներ կան անժամկէտ հանրաքուէի եւ այդ հանրաքուէի մասնակիցներու (այս պարագային գաղթականներու վերադարձով պայմանաւորուած) գործադրելիութեան հաւանականութիւնը անորոշ ձգող կէտերու մասին:

Այս շփոթը հայկական պարզաբանումներուն մէջ կը փարատի, երբ մտաբերենք վարչապետին կատարած նախորդ յայտարարութիւնը այն մասին, որ Արցախի ազրպէյճանական համայնքը արդէն մասնակից է բանակցութիւններուն: Անոնք ստացած են ազրպէյճանական քաղաքացիութիւն եւ մասնակցած արցախեան հակամարտութեան բանակցային կողմ համարուող Ազրպէյճանի նախագահի ընտրութիւններուն: Նախագահ Ալիեւ իրաւականօրէն զիրենք ամբողջովին կը ներկայացնէ արդէն: Ուրեմն պարզ է այստեղ Արցախի ժողովուրդի պատկերացումը եւ հանրաքուէով իր համաձայնութիւնը տալու արցախահայութեան կամքի ամրագրման վարչապետին կողմէ ընդգծուած հրամայականը:

«Ա.»

Գրական Սփիւռքում Պատկառելի Տեղ Ունի Լիբանանցին

0
0

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Արուեստագիտութեան դոկտոր

Ուշագրաւ է Հայաստանում լոյս տեսած «Գրական սփիւռք» հերթական ժողովածուն: Դա Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան Ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի ազգանպաստ, սփիւռքաարժեւորման գործունէութեան վառ արգասիքն է: Այս հատորի ստեղծման գործընթացում իր ներդրումն ունի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը: Ծաւալուն եւ բովանդակալից հատորում ընդգրկուած են հայ սփիւռքի եւ տարբեր երկրների` Լիբանանի, Սիրիայի, Միացեալ Նահանգների, Եգիպտոսի, Իրանի, Դանիայի, Պիելոռուսիայի գրողների եւ բանաստեղծների ստեղծագործութիւնները: Լիբանանահայ բանաստեղծներից տեղ են գտել Փանոս Ճերանեանի քերթուածները, որոնք աչքի են ընկնում քնարական, խոհական ինքնատիպ պատկերներով ու մտազննումներով.

Ճանապարհիդ
որքա՜ն ծաղիկներ նշմարեցի,
անոնք կարծես
մթնշաղի պահերուն
ափերուդ մէջ փունջ փունջ
վարդերն ըլլային:
Քանի յառաջանայի,
անոնց վարդագոյնով բռնկած հորիզոնը,
մարող-մարող լապտերի նման կը փայլին
այդ մութ կարմիր ծաղիկներու հրդեհէն,
տիեզերքի տարածքին
ծիրանագոյն կայծեր կը յայտնուէին:
Քեզ կորսնցուցած ըլլալ կը կարծէի…

Աւելի ընդարձակ է ներկայացուած այս հատորում լիբանանահայ արձակը: Հայկ Նագգաշեան, Արամ Սեփեթճեան, Վարուժ Չիլինկիրեան, Խաժակ Այնթապեան` ծագումով լիբանանցիներ, որոնցից երկուսը (Հ. Նագգաշեան, Վ. Չիլինկիրեան) այժմ կը բնակուեն Լիբանանից դուրս: Գրականասէր ընթերցողները տեղեակ են, որ Հ. Նագգաշեանի պատմուածքների գերակշռող մասի նիւթը` որսորդութիւնն է: Սակայն այստեղ զետեղուած «Ռամոնա» պատմուածքը հոգեբանօրէն հետաքրքրական պատում է կին-տղամարդ անձնական, յուզական յարաբերութիւնների մասին:

… Բացառիկ խորիմաստ եւ ներիմաստ են Արամ Սեփեթճեանի երկու պատմուածքները. «Հրաժեշտի գիշեր», «… Անազատ օր մը` ազատութեան արձանին հայեացքին տակ»: Իրենց թէ՛ արտաքին բովանդակութեամբ, թէ՛ ենթաիմաստով դրանք` ճակատագրի բերմամբ այսօր աշխարհում թափառող հայ մարդուն յուշում են բարոյապէս ապրելու ճշմարիտ ճանապարհը: Գրողը վարպետօրէն նկարագրում է հայրենի հողից, հայրենիքից դուրս ապրող, երկրից-երկիր տեղափոխուող հայի կեանքի ընթացքը, որում սակայն Արամ Սեփեթճեանը գտնում է հնարաւորինս ամենաճշմարիտ լուծումը: Այո՛, ազատութեան արձանը եւ դրան տեղադրած երկիրը բնաւ դեռ ազատութեան (ո՛չ մարդու, ո՛չ աշխարհի) արգասիքն ու երաշխիքը չեն: Եւ հոգեբանօրէն ու ազգայնականօրէն հարիւրապատիկ ճշմարտացի է պատմուածքի հեղինակը, արդէն իսկ իր բովանդակաիմաստ խորագրով յուշելով տուեալ երեւոյթի էականութիւնը. անազատ օր մը` ազատութեան արձանին հայեացքին տակ: Ըստ էութեան, խորքին մէջ` մարդ էակի, հայ մարդու թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին ազատութիւնը չի՛ կարող կախում ունենալ եւ չունի կախում «արձաններից»: Եւ ինչպէս փաստում է այսօրուայ աշխարհընթացքը` նաեւ այդ արձաններով մարդուն շեղելու երկրների մտայնութիւնից: Եւ Արամ Սեփեթճեանի հերոսը իր իմաստուն որոշումով գտնում է միակ ճշմարիտ ճանապարհը. ազատութեան արձանի երկրից վերադառնալով այնտեղ, ուր հայը ճակատագրի բերումով, այնուամենայնիւ, ունի իր տունը, իր հարազատ միջավայրը, իր հոգու եւ մտքի ո՛չ արձանեալ ազատութիւնը: Իրաւացիօրէն կարելի է փաստել, որ Արամ Սեփեթճեանի այս երկու պատմուածքներն իրենց իւրօրինակութեամբ նոր էջ են սփիւռքահայ եւ ընդհանրապէս մեր գաղթական, տարագիր ազգին նուիրուած գրականութեան ասպարէզում:

… Վարուժ Չիլինկիրեանը թէպէտ այժմ բնակւում է Եգիպտոսում, սակայն արժէ արդ յիշատակել նաեւ իր անունը, քանզի նա իր ծագումով (ո՛չ միայն), այլեւ իր էութեամբ այնճարցի – Մուսա լեռցի է: Հետաքրքրական պատմուածքը ներկայացուած է տուեալ հատորում «Պատճառը…» խորագրով: Յուզալից գրութեան հիմքում իրական դէպք է: Երբ Հելմութ անունով գերմանացին գործի բերմամբ հանդիպում է, ծանօթանում է Վարուժ Չիլինկիրեանին եւ պատմում է նրան, որ երկու անգամ այցելած է Լիբանան, եղել է նաեւ Այնճարում եւ զարմացած ու հիացած է հայ ժողովուրդի կենսունակութեամբ: Եւ այդ ամէնի պատճառը` տակաւին իր պատանի տարիներին կարդացած Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրը» վէպն է: Մի բան, որ գերմանացու մէջ մեծ հետաքրքրականութիւն առաջացնելով, մղեց նրան այցելել Պէյրութ եւ Այնճար, եւ նոյնիսկ մէկ անգամ` իր կնոջ ու զաւակների հետ: Թէ՛ փաստագրական եւ թէ՛ գեղարուեստականօրէն գրաւիչ ոճով է ներկայացնում Վարուժ Չիլինկիրեանը հայ ժողովուրդի հանդէպ համակրանք ունեցող գերմանացի մտաւորականի կերպարը, նրա հոգու յուզումները, մանաւանդ Այնճարի եկեղեցին այցելելու ժամանակ: «Երբ կանգնած էինք ձեր եկեղեցւոյ բակին մէջ, մերոնց բացատրեցի, թէ կան ժողովուրդներ, որոնք մարտնչող են, ուրիշներ` շինարար, ուրիշներ` իրաւազրկուած, բայց այստեղ կայ մարդկային հաւաքականութիւն մը, որ այդ բոլորն է միատեղ: Հերոսաբար դիմադրած է իրմէ հզօր թշնամիին, կարողացած է յաղթահարել տնտեսական, ընկերային եւ հոգեբանական թշնամիները, շինել ու վերականգնել», պատմում է գերմանացին: Այսպիսով Վարուժ Չիլինկիրեանի գրչի շնորհիւ քաջատեղեակ ենք լինում այլ ազգի մարդու արդարացի գնահատանքի մեր ազգի նկատմամբ:

… Այնճարցի մտաւորական Խաժակ Այնթապեանը լիբանանահայ շատ երիտասարդների թւում, իր բարձրագոյն ուսումը ստացել է Երեւանում: Դրանք ցուրտ-մութ-սովահար 90-ական տարիներն էին: Իր «Գիրք ու բրինձ մութ ու ցուրտ տարիներին» գրուածքի մէջ հեղինակը իւրայատուկ, ուշայարոյց ոճով է ներկայացնում այդ ժամանակի հայրենիքի կենցաղը, մարդկային, հոգեկան ապրումների ալեկոծումները, մտային կարողութիւնների չափանիշները: Հետաքրքրական եւ արժէքաւոր է, որ զուտ կենցաղային թուացող «բրինձ եփելու» արարողութեան միջոցով Խաժակ Այնթապեանը վարպետօրէն երեւան է բերում այդ տարիների հայաստանեան ընդհանուր հոգեմտային լինելութիւնը: Իսկ նրա «Կը յիշե՞ս, Մասիս» պատմուածքը` ընդհանրապէս հայ գրականութեան մէջ` սուրբ Արարատին ընծայուած ինքնատիպ ու գրաւիչ գործերից մէկն է: Բացառապէս եզակիօրէն, անհուն մարդկային զգացումներով, բարձր ազգային մտայնութեամբ է ներկայացնում ընթերցողին Խաժակ Այնթապեանը այն տարիներին Երեւանում առաջին անգամ իր ամբողջական հմայքի մէջ տեսած եւ իր մանկութիւնից երազած Արարատը: «Երկար տարիներ ետք, երկար սպասումներէ ետք ես ու Մասիսը առաջին անգամ այս պատուհանէն իրարու նայեցանք: Յետոյ այդ պատկերը ես յիշողութեանս պաստառին վրայ նկարեցի ու մինչեւ այսօր ոչ մէկ պատկերի հետ զայն փոխեցի… Որովհետեւ այդ պատկերին առջեւ ես գիտցայ կեանքին արժէքը, հասկցայ հայրենիքին արժէքը: Այդ պատկերին առջեւ ես աւելի լաւ հայ դարձայ… Կը յիշե՞ս Մասիս մեր այդ հանդիպումը»: Կը յիշե՞ս Մասիս… սա` հայի հոգու ճիչ է, պատգամ, միասնականութեան երազանք: «Արարատը` մեր ներկայութիւնն է տիեզերքում», գրել է մեր անուանի գրող Նորայր Ադալեանը: Սա հանճարեղօրէն իմաստուն եզրայանգում է եւ ամփոփում: Այո՛, մենք յաւերժում ենք մեր Մասիսով, Մասիսը` մեզանով: Եւ այդ տիեզերական խորիմաստութեան ծիրում, կարելի է մտերմաբար հարցնել. կը յիշե՞ս, Մասիս: Պատասխանը միանշականօրէն յստակ է. կը յիշէ, եւ հաւատում ենք, որ Խաժակ Այնթապեանը նայելով Մասիսին ու խօսելով նրա հետ, լսել է նրանից այդ պատասխանը: Ուրեմն… Այս ամէնով վերստին արժեւորւում է նման ժողովածուի հրատարակումը: Երեւոյթ, որ յուսանք, կ՛ունենայ իր շարունակականութիւնը: Քանզի ե՛ւ հայրենիքը ե՛ւ սփիւռքը պիտի փոխադարձաբար քաջատեղեակ լինեն նման երեւոյթներին: Ե՛ւ հայաստանցին ե՛ւ օտար երկրում ապրող հայը պիտի մշտապէս ձայնակցեն ու ներդաշնակօրէն միաձայն խօսեն Մասիսի հետ: Եւ մեր ազգի յաւերժող խորհրդանիշ Մասիսը դա երբեք չի՛ մոռանայ:

Երեւան-Պէյրութ

Մինաս (Աւետիսեան, 1928-1975). Հայաստանի Գոյներուն Եւ Լոյսի Խաղերուն Հանճարեղ Նկարիչը

0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Քսաներորդ դարու հայ գեղանկարչութեան հանճարեղ վարպետը` Մարտիրոս Սարեան ատենին ըսած էր. «Մինա՛ս, ես քեզնից մեծ եմ յիսուն տարով: Ափսո՜ս, ինձ քիչ ժամանակ է մնացել: Ո՞ւր էիր, մի քիչ շուտ գայիր: Չմոռանաս, արուեստը պայքար է սիրում: Հիմա ես արդէն մենակ չեմ: Դու էլ մենակ չես: Ուրեմն` շարունակել խիզախել: Ես հաւատում եմ քո այդ լաւ ձեռքին»:

Իսկ հայ դասական երաժշտութեան աշխարհահռչակ հանճարը` Արամ Խաչատրեան աւելցուցած էր. «Մինասի խառնուածքը ուժեղ է, վառ… Լինելով սիմֆոնիք շնչի արուեստագէտ, նա թատրոն ներխուժեց լայն ու խորը մտքերով: Նա թատերական նկարչութեան մէջ փոխադրեց իր հզօր սիմֆոնիզմը»:

Մինասի հանճարին վերաբերեալ մեր ժողովուրդին ընդհանուր գնահատականը խտացուց անոր սերնդակից մեծատաղանդ նկարիչը` Յակոբ Յակոբեանը, ու վկայեց. «Իբրեւ նկարիչ` գիտեմ եւ վստահ եմ, որ ամէն մի նկարիչ, կանգնելով Մինասի նկարների առջեւ, այնտեղ տեսնում է իր չարածի, իր չկարողացածի, իր երազածի իրագործումը: Մինասը մեր նկարչութեան բարձրացող աշտարակն էր, հեռուներից տեսանելի ու հեռաստաններ բացող»:

Հայ մարդու յիշողութեան մէջ այդպէ՛ս կը ներկայանայ Մինասի արուեստը, ինչպէս որ կը վկայեն Հայոց Մեծերու համընդհանուր գնահատանքը ամրագրող հետագայ վկայութիւնները.

– Ուիլիըմ Սարոյեան.- Աշխարհի մէջ անոր պէս նկարիչ քիչ կայ, եթէ ըսեմ` չկայ, հաւատացէ՛ք: Ի՜նչ զօրաւոր է, հայկական է, հին ու բոլորովին նոր: Զարմանալի է…

– Երուանդ Քոչար.- Մինասը նկարչական աշխարհում երեւոյթ է, նրա նկարները զրնգուն հնչեղութիւն կ՛ունենան Փարիզի նման նկարչութեան արուեստի կենտրոնում` արուեստների մայրաքաղաքում:

– Գառզու.- Մինասը շատ ինքնատիպ ու տաղանդաւոր նկարիչ է: Իր գոյներուն մէջ հզօր բան մը կայ, արտակարգ ուժ մը, որ շատ ժամանակակից է եւ շատ հայկական: Մինասի նկարներուն մէջ ուժեղ կերպով Հայաստանը կը զգամ:

– Հրանդ Մաթեւոսեան.- Նա ստեղծում էր եւ ստեղծել էր տալիս: Նա եզակի էր, նա կարենում էր եւ սիրում էր: Ո՛չ անսէր կարենալն է մի բան, ո՛չ անկարող սէրը, իսկ նա բարձր արտիստականութեան ու խոր սիրոյ շաղախ էր: Նրա մի կտաւը մի մարդու կարող է հռչակել մեծ նկարիչ, նրա կտաւները կարող են մեծ նկարիչներ հռչակել իրենց թուով մարդկանց, բայց այդ կտաւներից ամենակատարեալն իսկ եւ ոչ էլ բոլոր կտաւները միասին` չեն տալիս այն ամբողջական կատարելութիւնը, ինչը որ ինքը` Մինաս խտացումն էր:

Ահա՛ հայկական գեղանկարչութեան առինքնող այս աշխարհը մեր առջեւ կը բացուի յուլիս 20-ի այս օրը` գեղանկարչական վրձինի հանճարեղ հայ վարպետներէն Մինաս Աւետիսեանի ծննդեան տարեդարձին առիթով:

Մինասը այսօր 90 տարեկան պիտի դառնար, եթէ 43 տարի առաջ չսպաննէին զինք` օր ցերեկով, Երեւանի կեդրոնը, Աբովեան փողոցի մայթին վրայ խուժած եւ Մինասը զգետնած ինքնաշարժով:

Մինաս Շիրակի մարզի փոքրիկ Ջաջուռ գիւղի զաւակ էր, ծնած էր 20 յուլիս 1928-ին: Հայրը մշեցի էր, Մեծ եղեռնէն մազապուրծ փրկուած եւ Ջաջուռ հաստատուած դարբին Կարապետ Աւետիսեանն էր: Մայրը` Սոֆոն, Կարսէն գաղթած քահանայի դուստր էր: Հողի մշակման եւ գիւղական աշխարհի լուսաւորման նուիրուած պարզ, այլեւ հայու իրենց արմատներուն փարած մարդիկ էին ծնողները:

Եւ Մինաս Ջաջուռի բնութենէն ու ջաջուռցիներու յուզաշխարհէն վերցուց իր երանգապնակին ողջ հարստութիւնը` գոյներու շռայլանքն ու խստաբիբ աշխարհայեացքը, լոյսի եւ ստուերի խոր հակադրութիւններն ու թանձրացեալ ընդելուզումները, մէկ կողմէ անհուն սիրոյ ու բարութեան եւ միւս կողմէ` դառնութեան ու ընդվզումի միջեւ բուռն ալեկոծումները:

Ի վերուստ նկարչի տաղանդով օժտուած ըլլալով հանդերձ, Մինաս որոշեց երկար ճամբայ կտրել` գեղանկարչական իր պատրաստութիւնը, գիտութիւնն ու հմտութիւնը ուսման միջոցով  կատարելագործելու համար:

Երեւանի մէջ Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստական վարժարանը եւ Գեղարուեստաթատերական հիմնարկը աւարտելէ ետք, 1953-ին, Մինաս մասնագիտական ուսման հետեւեցաւ Լենինկրատի Ռեպինի անուան գեղարուեստական ակադեմիային մէջ` 1960-ին վկայուելով պատուոյ յիշատակութեամբ:

Եթէ երեւանեան ուսման տարիները Մինասի առջեւ լայն բացին հայկական մանրանկարչութեան անսահման աշխարհը, լենինկրատեան տարիները Մինասին զինեցին իտալական Վերածնունդի նկարչութեան խոր ճանաչողութեամբ եւ գեղարուեստական ինքնակատարելագործումով:

Վերադառնալով Երեւան` Մինաս նուիրուեցաւ ստեղծագործական բեղուն աշխատանքի: Նոյն տարին իսկ տուաւ իր անհատական առաջին ցուցահանդէսը` ռումբի պէս ցնցիչ ազդեցութիւն գործելով արուեստասէր հասարակութեան վրայ:

Առաջին այդ քայլէն իսկ արուեստի քննադատները բաժնուեցան հակադիր ճամբարներու` Մինասի արուեստին եւ տաղանդին գնահատման հարցին շուրջ: Պաշտօնական քննադատութիւնը երկար ժամանակ փորձեց անտեսել եւ լուսարձակներէ հեռու պահել Մինասի ստեղծած գործերը, բայց ժամանակը քայլ առ քայլ յաղթահարեց արհեստականօրէն Մինասի երթը արգելակել փորձող այդ պատուարները:

Հանճարեղ այնպիսի՜ շունչ եւ թռիչք կար Մինասի ստեղծագործութեան մէջ, որ իշխանութիւնները ակամայ պատուհանները բացին աշխարհին առջեւ` ճանչնալու եւ ըմբոշխնելու համար Մարտիրոս Սարեանի արժանաւոր այս ժառանգորդին գեղանկարչութիւնը:

Միայն 15 տարի տեւեց Մինասի ստեղծագործական յաղթարշաւը` 1960-էն մինչեւ 1975-ի իր ողբերգական վախճանը: Բայց այդքանն իսկ բաւարար եղաւ, որպէսզի Մինաս ձեռնամուխ ըլլայ գեղանկարչութեան բոլոր ճիւղերու մէջ ինքնադրսեւորման եւ ինքնահաստատման արգասաբեր ստեղծագործութեան: Դիմանկարչութիւն եւ բնանկարչութիւն, գծանկար եւ որմնանկար, բեմանկարչութիւն եւ շարժապատկերի նկարչութիւն` բոլոր ուղղութիւններով` Մինաս իր ներդրումը ունեցաւ եւ բարձրարժէք գործերով հարստացուց հայ ժողովուրդի մշակութային գանձարանը:

Հայրենի գիւղաշխարհը, իր վառ գոյներով եւ խորաշունչ պահերով, անպարագիծ հորիզոններ բացաւ Մինասի վրձինին առջեւ: Եւ հանճարեղ ջաջուռցին իր մէջ մթերուած ամբողջ հարստութիւնը վերածեց գոյնի եւ լոյսի ու, իբրեւ հայկական աշխարհ` բաշխեց մարդկութեան:

Մինասի գեղանկարչութեան մէջ տիրապետող եղաւ ինչպէս Ջաջուռի բնանկարներով հայոց աշխարհի բնական գեղեցկութիւնը, նոյնպէս եւ իր մօր կերպարով հայոց մայրական աշխարհի խորախորհուրդ յուզաշխարհը:

Յատուկ լուսարձակի արժանի է, մանաւա՛նդ, Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առիթով Մինասի ստեղծած նկարաշարը` «Ճանապարհ. ծնողներիս յիշողութիւնները» եւ «Տէր Զօրի ճանապարհին» անուանումներով:

Մինաս յաջողեցաւ իր ստեղծած արուեստին եւ ընտրած ուղղութեան նկատմամբ յարգանք պարտադրել նաեւ պաշտօնական Երեւանին, որովհետեւ հայ ժողովուրդը իր սրտին եւ հոգիին մէջ անխորտակելի գահի արժանացուց մեծատաղանդ նկարիչը: Ան դարձաւ ոչ միայն Հայաստանի Նկարիչներու միութեան գործօն անդամ եւ անոր նախագահութեան մղիչ ուժը, այլեւ գաղափարական իր հիմնարար ներդրումը ունեցաւ 1960-ականներու հայրենի մտաւորականութեան ազգային զարթօնքին մէջ:

Բայց դժբախտութիւնը կամ անհանդուրժողութեան չարիքը շատ շուտ հարուածեց իր ծաղկման փուլը թեւակոխած Մինասը: 1972-ին ան ապրեցաւ նկարիչի մը վիճակուած դաժանագոյն եւ դառնագոյն ողբերգութիւնը, երբ հրդեհը հրոյ ճարակ դարձուց անոր աշխատանոցը` աւելի քան 300 աւարտուն գործերու փճացման պատճառ դառնալով: Մինաս երկար ամիսներ չկրցաւ վերագտնել իր ստեղծագործական թափը: Բայց իր ներքին կրակը աւելի զօրաւոր էր, եւ ան կրցաւ յաղթահարել այդ հարուածն ալ:

Մեր ժամանակներու հայ գեղանկարչութեան լուսապսակ այս գագաթը, սակայն, անզօր եղաւ յաղթահարելու շնչաւոր իր մարմնին հասցուած մահացու հարուածը 16 փետրուար 1975-ին, երբ «պատահական» ինքնաշարժի «արկած»-ի տակ ֆիզիքապէս զգետնուեցաւ… մինչեւ որ 23-24 փետրուարին առյաւէտ փակուեցան բոլոր ժամանակներու հայոց աշխարհի գոյներն ու լոյսի խաղերը այնքան խորութեամբ խտացուցած աչքերը անզուգական Մինասի:

Ինչպէս նախապէս Սեւակի պարագային, նոյնպէս եւ Մինասի մահուան առեղծուածը եկաւ լուսարձակի տակ առնելու խորհրդային ամբողջատիրութեան հիւանդագին ու կործանարա՛ր հակադրութիւնն ու հալածանքը այն բոլոր արժէքներուն եւ սրբութիւններուն հանդէպ, որոնք ազգային իրենց ինքնահաւատարմութեամբ, ըստ էութեան, հարցականի տակ կ՛առնէին Չարիքի կայսրութեան, ապազգային դաւանանքն ու անդրազգեան արժեչափերը…

Ինչպէս որ ոչ ոք հաւատաց Սեւակի եւ անոր հարազատներուն կեանքը խլած «ինքնաշարժի արկածին» եւ, ընդհակառակն, հայ մարդը խորհրդային ոճով ահաւոր հաշուեյարդար մը նկատեց պատահածը, նոյնպէս եւ Աբովեան փողոցի լայն մայթով քալող Մինասի վրայ խուժած ինքնաշարժի «արկածը» չընկալուեցաւ իբրեւ այդպիսին` իբրեւ պատահական արկած մը…

Հակառակ պաշտօնական աղբիւրներու «հաւաստիացումներուն», ընդհանուր էր այն համոզումը, որ Մինասին ալ գլուխը կերան…

Բայց միայն մարմնապէս հայ կեանքէն կրցան հեռացնել գոյներու եւ լոյսերու արարման գեղանկարիչ վարպետը` Հայաստանի գոյներուն եւ հայոց յուզաշխարհին հանճարեղ նկարիչը:

Թէեւ դեռ չէր բոլորած 47 տարիքը եւ տակաւին այնքա՜ն տալիք ունէր բազմադարեան հայ մշակոյթին, այդուհանդերձ, Մինաս ստեղծեց արուեստ մը եւ շնչաւորեց աշխարհ մը, որ հայկական գեղանկարչութեան հարազատ ակունքներէն առաւ իր անմահական թռիչքը եւ բարձրադիր տեղ նուաճեց հայ մշակոյթի երկնակամարին վրայ:

Իրաւամբ` «Մինասը ստեղծեց իր աշխարհը` աշխարհի համար… Լինելով մեծ անհատ` Մինաս Աւետիսեանը իր ազգի ողբերգութիւնը եւ աշխարհի մեղքը վերցրեց իր վրայ եւ տառապելով ստեղծեց իր արուեստը»:

 

 

 

Սովորենք Յարգել Մեծերի Յիշատակը

0
0

ՎԱՀԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Արամ Մանուկեանի կինը, երբ հեռանում էր այս կեանքից, իր դստերը` Սեդա Մանուկեանին ասաց. «Ես չտեսայ, բայց դու անպայման կը տեսնես այն օրը, երբ մարդիկ կը յիշեն ու կը գնահատեն քո հօրը: Ես վստահ եմ, որ հայ ժողովուրդը չի մոռանայ նրան»:

Շատ ժողովուրդներ են երազել ունենալ Արամի նման ազգային հերոս, իսկ հայ ժողովուրդը բախտ է ունեցել վայելելու այդպիսի անձնաւորութեան ներկայութիւնն ու նուիրական գործունէութիւնը` յօգուտ հայրենիքի եւ ազգի վերելքի. գործունէութիւն, որի համար նա արժանի է իր հայրենակիցների յաւերժական յարգանքին ու մեծարանքին:

Այս տարի լրացաւ հայկական պետականութեան վերականգնման 100-ամեակը, եւ այս առիթով Հայաստանում ու սփիւռքում կազմակերպուեցին բազմաթիւ յոբելենական միջոցառումներ, որոնցով յարգանքի տուրք մատուցուեց հանրապետութեան հիմնադրման ճանապարհին դերակատարութիւն ունեցած եւ իրենց կեանքը նուիրաբերած հայորդիների յիշատակին:

Քաջ գիտակցում ենք, որ եթէ չլինէր Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, չէին լինելու այսօրուայ ազատ ու անկախ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները. ներկայի մեր կայուն պետականութեան համար պարտական ենք Ա. հանրապետութեան հիմնադիր սերնդին` Արամին, Ռոստոմին, Դրոյին եւ ուրիշների:

Հայոց նորագոյն պետականութեան կերտման գործում կարեւորագոյն դեր զբաղեցրեց յատկապէս Արամ Մանուկեանը, ով միշտ էլ յիշուել է որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր եւ երկրի անկախութեան վերակերտող:

Արամը ազգօգուտ դերակատարութիւն ունեցաւ հայ ժողովրդի ամենաօրհասական փուլերում` սկսած ազգային ազատագրական շարժումներին իր մասնակցութիւնից մինչեւ Վանի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը եւ այդ շրջանների հայութեանը ցեղասպանութիւնից փրկելը, Վանի նահանգապետի պաշտօնում ժողովրդին ծառայելն ու Հայաստանի անկախ պետութեան հիմնադրումը, իսկ աւելի ուշ` որպէս նորանկախ Հայաստանի ներքին գործերի նախարար գործունէութիւն ծաւալելը: Նա ոչ մի անգամ իր դիրքն ու պաշտօնը չի ծառայեցրել իր անձնական շահերին, եղել են պահեր, որ Արամը սովորական ժողովրդի պէս անգամ հաց չի ունեցել ուտելու: ժողովրդի ցաւով ապրող ու նրա հետ անմիջականօրէն շփուող այս վեհանձն մարդը ի վերջոյ վարակուեց հէնց սովորական ժողովրդի մէջ տարածուած հիւանդութեամբ եւ իր մահկանացուն կնքեց 1919 թուականի յունուարի 29-ին:

Արամ Մանուկեանի մահը հայ ժողովրդին մեծ վիշտ պատճառեց: Նրա յուղարկաւորութիւնը համաժողովրդական սգի վերածուեց, որտեղ ներկայ էր ամբողջ Երեւանը` սկսած շարքային քաղաքացուց մինչեւ բարձրաստիճան պաշտօնատարը:

Արամ Մանուկեանն իր կենդանութեան օրօք վայելեց հայ ժողովրդի սէրն ու յարգանքը: Հայ ժողովուրդն իր հերոսին յուղարկաւորեց Կոմիտասի անուան պանթէոնում, եւ ժամանակի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը աղօթքով հրամայեց, որ ազգի մեծ զաւակի գերեզմանն անշարժ մնայ: Հետագայում, 1930-ական թուականներին Երեւանի քաղաքային խորհրդի գործադիր կոմիտէի որոշմամբ փակուեց նշուած գերեզմանատունը եւ այդ տարածքում հիմնադրուեց զբօսայգի, ինչի պատճառով էլ Արամի աճիւնը սկզբում վերաթաղուեց Կոզեռնի, ապա Թոխմախի գերեզմանատանը` ուրիշ ընտանիքի գերեզմանատարածքում: Անշուշտ այս տեղափոխութիւնների պատճառը հերոսի գործն ու յիշատակը մոռացութեան ենթարկելը միայն կարող էր լինել, քանի որ նա Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ էր եղել:

Հարիւր տարի է անցել Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման օրից, եւ մէկ դար անց նոյնիսկ հայ ժողովուրդը ոչ միայն չի մոռացել իր արժանի զաւակին, այլեւ վերջերս Երեւանի կենտրոնում նրա արձանի կանգնեցմամբ ու այդ արձանի հանդիսաւոր բացման արարողութեամբ փաստեց, որ ցանկանում է արժանավայել կերպով գնահատել հայ ազգին մատուցած Արամի անգնահատելի ծառայութիւնը, ի հարկէ եթէ հաշուի չառնենք մի շարք անհատների, ովքեր ջանք չխնայեցին խոչընդոտելու արձանի տեղադրման գործընթացը` զանազան պատրուակներ առաջ քաշելով:

Արամն ամենասկզբում որպէս արժանաւոր մարդ եւ հայորդի, ապա որպէս սկզբունքային ու գաղափարական գործիչ, արժանի է յարգանքի ու մեծարման` անկախ իր կուսակցական պատկանելիութիւնից:

Արամի արձանի կանգնեցումը պատեհ առիթ է, որպէսզի մեր պետական պաշտօնեաները մի անգամ եւս վերյիշեն իրենց պատասխանատու առաքելութիւնը, յիշեն եւ փորձեն ապրել այնպէս ինչպէս` Արամը, Քաջազնունին, Վրացեանը եւ այն բոլոր նուիրեալ գործիչները, ովքեր եղան ժողովրդի հետ, ապրեցին նրա ցաւով եւ վաստակեցին ժողովրդի յարգանքն ու վստահութիւնը:

Թող երբեք չմոռացուի Նիկոլ Աղբալեանի այն խօսքը, որն ասաց Արամ Մանուկեանի յուղարկաւորութեան ժամանակ. «Երբ գիշերը գայ, մտէք ձեր հոգու սենեակն ու խօսէք ձեր խղճի հետ եւ ասէք` արդեօք աշխատե՞լ էք հայ ժողովրդի համար, ինչպէս Արամը, եղե՞լ էք անձնազոհ, որքան Արամը, տուե՞լ էք ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովրդին, ինչպէս Արամը…»:

 

 


Դիմատետրի Արձագանգներ. ՊԻՏԻ ԳԱ՛Մ

0
0

Տարիներ շարունակ օր մը պիտի գամ, ըսի, գագաթիդ եռագոյն պիտի պարզեմ, ըսի, լանջերուդ բանակում պիտի ընեմ, ըսի, եւ այս տարիներու երազանքս, իմ սուրբ Արարա՛տ, կատարեցի ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով եւ ուխտեցի ՀՄԸՄ-ի ջահը փոխանցել եկող սերունդներուն:

Ուխտեցի նաեւ վերադառնալ քովդ եւ քեզ դարձեալ դիտել պատմական Հայաստանի կողմէն, դարձեալ համբուրել սուրբ հողդ, դարձեալ շնչել զուլալ հովդ եւ խմել քաղցրահամ ջուրդ:

Զգացումներս բառերով չեն բացատրուիր, հետեւաբար միայն պիտի ըսեմ, որ դարձեա՛լ ՊԻՏԻ ԳԱՄ…

ՄԵՆԱՐ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Դարաւոր կարօտի յոյզերով այսօր աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄ-ականներս, ի հեճուկս թուրք ոստիկաններու արգելքին, Տէրունական աղօթքով հայ մարդու եւ հայ քրիստոնեայի մեր հաւատամքն ու հաւատքը կը վերանորոգենք բռնագրաւուած Աղթամարի Ս. խորանին առջեւ` խոստանալով անտէր չձգել մեր հոգեմտաւոր կռուաններու կեդրոնները բոլոր…

Մենք դեռ կու գանք…

Մենք կը վերադառնանք վաղ թէ ուշ…

ՊԵՏԻԿ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ

Երիտասարդական Արձագանգ. ԱՊՐԻ՛Ք

0
0

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԵՆՏԵՐԵԱՆ

Պատահմամբ համացանցային էջի մը վրայ հանդիպեցայ ՀՄԸՄ-ականի մը կողմէ հրապարակուած տեսերիզի մը, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ-ական խումբ մը տղոց դէպի Արարատ լեռ բարձրանալու ուխտագնացութենէն պահ մը: Անոնք կանգ առած էին Վանայ լիճի Աղթամար կղզին, ուր կը գտնուի Գագիկ Արծրունի թագաւորին օրով (10-րդ դար) կառուցուած Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին: Այդ դարաւոր ու հայաբոյր եկեղեցւոյ մէջ այս արիասիրտ խումբը առ Աստուած երգեց Տէրունական աղօթքը, որ ստեղծեց հոգեպարար մթնոլորտ մը` աղօթքի ծարաւ այդ պատմական եկեղեցւոյ մէջ:

Սակա՜յն… սակայն ազգայնամո՛լ, բռնատէ՛ր ու հայատեա՛ց թուրքը դարձեալ արտայայտուեցաւ` համաձայն իր բնազդին, դարձեալ մուտք գործեց ու պղծեց հայկական եկեղեցին ու փորձեց խանգարել երիտասարդներուն կողմէ Աստուծոյ ուղղուած աղօթքը: Ծափերով ու շուարած շարժումներով ոստիկանները, որոնք փորձեցին կասեցնել աղօթքի երգեցողութիւնը, դարձեալ ձախողեցան, որովհետեւ այդ երիտասարդները շարունակեցին իրենց աղօթքը մինչեւ «Ամէն»:

Իսկապէս փշաքաղիչ ու յուզիչ երեւոյթ էր, սիրելինե՛ր, որովհետեւ այդ ոստիկաններուն բիրտ մուտքը եկեղեցի զիս փոխադրեց հարիւր տարի ետեւ, երբ մեր նախնիները վայրագութեամբ յօշոտուեցան թուրք հրէշին կողմէ:

Այո՛, սիրելինե՛ր, ա՛յս է «քաղաքակիրթ» ու Եւրոպական Միութիւն մտնել ձգտող թուրք ժողովուրդը կամ կառավարութիւնը, որ ինչպէս դարե՜ր շարունակ, այսօր եւս կը շարունակէ իր հայատեացութիւնը… կը շարունակէ կրօնամոլութիւնն ու այլադրժողականութիւնը:

Քաղաքակրթութի՞ւնը… բարեւ ունի ձեզի, ո՜վ ժառանգորդներ ցեղասպա՛ն ժողովուրդի:

Կեցցէ՛ք, սիրելի՛ ՀՄԸՄ-ական քոյրեր եւ եղբայրներ… Ձեր ուխտը կատա՛ր:

Կեցցե՛ս ՀՄԸՄ… Հարիւրամեակդ շնորհաւո՛ր:

 

 

 

 

Թուրքիայէն Արտաքսուած Ամերիկացի Ուսուցչուհին Կը Շահի Դատը Եւրոպական Դատարանին Մէջ

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Վերջերս իմացայ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ամերիկացի ուսուցչուհիի մը արտաքսման մասին, որով խախտուած էր անոր ազատ արտայայտուելու իրաւունքը:

8 ապրիլ 2008-ին «Կէյթսթոն» հիմնարկի հրապարակած յօդուածին մէջ թուրք լրագրող Ուզայ Պուլութ նշած է, որ Պոլսոյ համալսարանի, հետագային նաեւ Թուրքիոյ` Այնթապի Մերձաւոր Արեւելքի արհեստագիտական համալսարանի դասախօս Նորմա Ժաննա Քոքս «իր ուսանողներուն եւ գործընկերներուն հետ խօսած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան, քիւրտերու բռնի ձուլման մասին եւ բողոքած` «Քրիստոսի վերջին գայթակղութիւնը» ժապաւէնին դէմ: Այս «յանցագործութիւններուն» համար ձերբակալած են զայն, գործէ արձակած եւ ի վերջոյ` երկրէն արտաքսած: Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարարութիւնը պնդած է, որ Քոքս արտաքսուած էր, եւ արգիլուած էր անոր վերադարձը Թուրքիա` «իր անջատողական գործունէութեան պատճառով, բան մը, որ անհամատեղելի էր երկրի ազգային անվտանգութեան հետ»: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ներկայացուցած իր դատական հայցով Քոքս դատապարտած է Թուրքիան` իր արտայայտուելու իրաւունքը խախտած ըլլալուն համար, եւ` պնդած, որ իր իրաւունքները խախտուած են Թուրքիոյ կողմէ` քրիստոնէական հաւատքի եւ տարբեր կարծիքներու պատճառով»:

Քանի որ Քոքսի գործը լայն հնչեղութիւն չէր ստացած, ես փնտռեցի անոր դատական հայցը` ընդդէմ Թուրքիոյ, Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ. հայցը ներկայացուած էր 28 օգոստոս 2002-ին, եւ դատարանը 20 մայիս 2010-ին որոշում կայացուցած էր Քոքսի օգտին:

Ահա անոր դատական ծաւալուն գործին մանրամասները. 23 սեպտեմբեր 1985-ին Այնթապի փոխնահանգապետը նամակ յղած է ներքին գործոց նախարարութիւն` միջնորդելով, որ ֆիլատելֆիացի Քոքս արտաքսուի Թուրքիայէն` իր «վնասակար գործունէութեան» պատճառով: Ան կը մեղադրուէր` համալսարանին մէջ իր ուսանողներուն եւ գործընկերներուն ըսելուն համար, որ` «Թուրքերը տեղահանած են հայերը եւ` կոտորած զանոնք: Բացի ասկէ` թուրքերը ձուլած են քիւրտերը եւ իւրացուցած` անոնց մշակոյթը», ինչպէս յայտարարած է եւրոպական դատարանը: 1986-ին Քոքս արտաքսուած է Թուրքիայէն, եւ արգիլուած է անոր հետագայ մուտքը` երկիր: Հետագային ան վերադարձած է Թուրքիա, եւ ձերբակալուած` «Քրիստոսի վերջին գայթակղութիւնը» ժապաւէնին դէմ թռուցիկներ տարածելուն  համար: 1989-ին ան կրկին արտաքսուած է Թուրքիայէն: 1996-ին Քոքս մէկ անգամ եւս վերադարձած է Թուրքիա, եւ հոնկէ մեկնելէն ետք պաշտօնեաները կնքած են անոր անձնագիրը` արգիլելով անոր Թուրքիա մուտք գործել:

14 հոկտեմբեր 1996-ին Անգարայի դատարանին մէջ Քոքս դատական հայց ներկայացուցած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան դէմ` պնդելով, որ իր արտաքսումը «ներքին օրէնսդրութեան, [Թուրքիոյ] սահմանադրութեան եւ միջազգային պայմանագիրներու, ներառեալ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական պայմանագիրի 9-րդ յօդուածի խախտում է:  Ներքին գործոց նախարարութիւնը դատաւորին ըսած է, որ Քոքս` «Զրոյցներ ունեցած է իր ուսանողներուն եւ գործընկերներուն հետ` թուրքերու կողմէ քիւրտերու եւ հայերու ձուլման, թուրքերու կողմէ երկրէն հայերու բռնի տեղահանման եւ Ցեղասպանութեան իրականացման մասին»: 19 հոկտեմբեր 1997-ին Անգարայի դատարանը մերժած է Քոքսի հայցը: Անոր բողոքը Թուրքիոյ Գերագոյն դատարանին մէջ մերժուած է 20 յունուար 2000-ին:

Այնուհետեւ Քոքս բողոք ներկայացուցած է Թուրքիոյ դէմ` Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան, 28 օգոստոս 2002-ին: Դատարանը եզրակացուցած է, որ` «Միջամտութիւն եղած է դիմում ներկայացնողի իրաւունքներուն, որոնք երաշխաւորուած են [եւրոպական] պայմանագրի 10-րդ յօդուածով», ուր ամրագրուած է, թէ` «Իւրաքանչիւր ոք ունի ազատօրէն արտայայտուելու իրաւունք: Այդ իրաւունքը կը ներառէ իր կարծիքին վրայ մնալու, տեղեկութիւններ եւ գաղափարներ ստանալու եւ տարածելու ազատութիւնը` առանց պետական մարմիններու միջամտութեան եւ անկախ պետական սահմաններէ»: Աւելի՛ն. եւրոպական դատարանը որոշած է, որ` «Դիմում ներկայացնողի մուտքի արգելքը Թուրքիա` նախատեսուած էր ճնշելու համար անոր արտայայտուելու ազատութեան վրայ, այլեւ` խափանելու համար անոր գաղափարներու տարածումը»:

Քոքս եւրոպական դատարանէն պահանջած է 100 հազար եւրօ վնասի փոխհատուցում, քանի որ` «Արտաքսման պատճառով ստիպողաբար լքած է Թուրքիան եւ կորսնցուցած է իր աշխատանքն ու եկամուտը»: Ան նաեւ պահանջած է 100 հազար եւրօ` «ոչ նիւթական վնասի» համար:

Եւրոպական դատարանը որոշած է Քոքսի ներկայացուցած բողոքին միայն արտայայտուելու իրաւունքի խախտումը նկատի առնել` անտեսելով Քոքսի արտաքսումն ու աշխատավարձի եւ եկամուտի կորուստը Թուրքիոյ մէջ: Իբրեւ արդիւնք` դատարանը հրահանգած է Թուրքիոյ կառավարութեան` 12 հազար եւրօ վճարել Քոքսի, դատավճիռի կայացումէն ետք երեք ամսուան ընթացքին, «ոչ նիւթական վնասի» համար, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներու որեւէ եկամտահարկ, որ հաւանական է, որ ան վճարէ` իրեն հատուցուած գումարին դիմաց: Եթէ Թուրքիոյ կողմէ վճարումը կատարուած է երեք ամսուան վերջնական ժամկէտէն ետք, ապա պարտաւոր է վճարել տոկոս` երեք տոկոսային կէտով աւելցուած պարզ տոկոսադրոյքին` Եւրոպական կեդրոնական դրամատան վարկային տոկոսադրոյքին հաւասար:

Քոքս նաեւ ծախսերու դիմաց պահանջած է 20 հազար եւրօ, սակայն ան չէ ներկայացուցած որեւէ հաշիւ կամ այլ տեղեկութիւն` այդ պահանջը հաշուարկելու համար: Նման տեղեկութեան եւ հիմնաւորման բացակայութեան` դատարանը այս առնչութեամբ որեւէ որոշում չէ կայացուցած:

Անցեալ շաբաթ Նորմա Ժաննա Քոքս ինծի ըսաւ, որ կը փափաքէր վերադառնալ Թուրքիա` իբրեւ «քրիստոնեայ միսիոնար` Աւետարանը քարոզելու համար»: Քանի մը արտաքսումէ ետք, քանի մը տարի առաջ ան մէկ անգամ եւս փորձած է մեկնիլ Թուրքիա: Երբ ժամանած է Պոլսոյ օդակայան, անոր թոյլ չեն տուած մուտք գործել երկիր եւ յաջորդ թռիչքով զինք Միացեալ Նահանգներ վերադարձուցած են…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

ՀՄԸՄ Պանծալի…

0
0

ՊԵՏԻԿ

Այս օրերուն, երբ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը պիտի տօնէ ՀՄԸՄ-ի հարիւրամեակը, յիշողութեանս ժապաւէնը կը ցուցադրէ վերջին յիսնամեակէն տեսարաններ, որոնք անտարակոյս «պանծալի» բառով կը լուսաւորեն այդ վեհ անունը:

Հարիւր մասնաճիւղ, քսանութ հազար անդամներով տարածուած երկրագունդին վրայ` կը մարզուի ո՛չ միայն մարմնապէս, այլ նաեւ`  հոգեպէս: Մարզական այս միութիւնը, դուրս ելած իր մարմնակրթութեան կոչումին սահմաններէն, հայ պատանիին ու երիտասարդին նկարագիրը կը կոփէ ու կը կերտէ իր այնքան վսեմ նշանաբանով` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»:

Կը մտաբերեմ բոլոր այն ազնիւ եւ անձնուէր երիտասարդները, որոնք այս կազմակերպութեան մէջ ստանձնած են պատասխանատու պաշտօններ, բոլորը անխտիր ունեցած են վեհ ու ազնիւ հոգիներ` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ը մարմնացնելով իրենց առօրեային մէջ:

Չեմ կրնար չմէջբերել Հալէպի միջմասնաճիւղային տարեկան հանդիպումները, որոնք տեղի կ՛ունենային Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, ուր կը միանային համատարած աշխարհի հայ արիներն ու մարզիկները, եկած` Գահիրէէն, Թեհրանէն, Պէյրութէն, եւ եզրափակիչ հանդիսութիւնը կ՛ըլլար այնքան տպաւորիչ ու խանդավառող տողանցք մը` առաջնորդուած ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբով:

Բոլոր հանդիսատեսները եւ մասնակիցները, հաղորդուած` այդ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ի ոգիով, կը վերադառնան իրենց երկիրները` իրենց հետ տանելով իրենց անջնջելի տպաւորութիւնները:

ՀՄԸՄ-ը սատարած է մեր ազգային գոյութեան պայքարին ու բարձրացած ու բարձրացուցած է հայու ազնիւ հոգին:

 

Տասնամեակներու Խարխափումէ Ետք, Անձերէ Եւ Խմբակցութիւններէ Անդին` Ազգ Եւ Պետութիւն

0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Տեւաբար կը յիշեցնենք այն, որ վերանկախացած Հայաստանը նոր է, երիտասարդ է` արդարանալու եւ արդարացնելու համար խարխափումները եւ սխալները: Երեսուն կամ եօթանասուն տարիներու միջեւ այնքան ալ մեծ ըլլալու չէ տարբերութիւնը, երբ կը փորձենք հաշուեկշիռ ընել, ինչ կը վերաբերի Պետութեան կառուցման-կայունացման, որ լրագրական անմիջականութիւններէ տարբեր է:

Պետութեան կառուցում-կայունացում-ամրացումը օրէնքի գերակայութեամբ գործող իշխանութեան հաստատման օղակներն են: Օրէնքը իշխանութեան փոփոխութեան քմայքներէն կախում պէտք չէ ունենայ: Ըստ օրուան կացութեան կամ ըստ իշխանաւորի ցանկութեան:

Ան տարբեր է նաեւ անհատական կիրքերէ եւ կուսակցական մրցակցութիւններէ:

Խորհրդային Հայաստանը ինքզինք ըլլալու եւ իր ուղին որոշելու պետական իրաւ հնարաւորութիւնը եւ իրաւունքը չունէր: Այս իրաւունքը ֆրանսական ընդունուած եզրով կը կոչուի régalian, որ կը յատկանշուի պետութիւնը անձնաւորող անձին իրաւունքով եւ կամքով, այսինքն` անցեալի թագաւորականը, այս է նաեւ régalian-ի բառացի թարգմանութիւնը: Խորհրդային Միութիւնը այդ իրաւունքը սեփականացուցած էր, գործած էր` շարունակելով ցարական կայսերական պետական ըմբռնումը:Հայաստան régalian իրաւունք չունէր: Այդ իրաւունքը իւրացուած էր Կեդրոնին կողմէ:

Արդիւնաւէտ պետութիւն մը, ոչ միայն փոխուող կառավարական վարչակազմերը, անյեղլի, մարմարի վրայ փորագրուած եւ ազգ-հայրենիքի ըմբռնումով դաջուած իրաւունքի, պարտքի եւ կամքի արտայայտութիւնն է, իր նախաձեռնութիւնները եւ քաղաքականութիւնը, յարաբերութիւնները, կազմակերպութիւնը պէտք է հպատակին անհատներէն անդին դասուած իրաւունքի, պարտքի եւ կամքի ձոյլ երրեակին: Խորհրդային Միութիւնը որպէս միջազգային իրաւունք` դադրած է, անուն փոխելով կամ վերագտնելով, սահմանափակուած է ռուսականի մէջ, որ չի նշանակեր, թէ ան հրաժարած է ռազմագիտական-ռազմավարական-ապահովական իր հրամայականներէն:

Անկախութեան հռչակումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստանձնած է իրեն յատուկ régalian եւ միջազգային իրաւունքը: Այս հիմնականին հետ կան նաեւ այլ իրաւունք-հրամայականներ: Իր անուան արժանի պետութիւնը կը մշակէ եւ կ’առաջնորդէ ազգի եւ երկրի տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստին ռազմավարութիւնը: Ան է երաշխաւորը իր ժողովուրդի առողջութեան եւ ընկերային պաշտպանուածութեան, նաեւ ոչ թէ տէրը այլ իմաստուն վերահսկողը գործարար ընկերութիւններուն եւ տեղական կառավարման բոլոր բնոյթի կազմակերպութիւններուն եւ անոնց զարգացման` օրէնքով նախատեսուած սահմաններու մէջ:

Այսինքն պետութիւնը պատնէշ է` ընդդէմ անտառի օրէնքին, «ջունգլի»-ի օրէնքին: Ամէն կարգի չարաշահում, ո՛ւր որ ալ պատահի, ընկերային այս կամ այն կառոյցի մէջ, վերադարձ է անտառի օրէնքին:

Անցնող երեսուն տարիներուն, անկախութեան առթած գինովութիւնը, մանաւանդ` հայրենաբաղձ զանգուածները, յաճախ դարձած` յուզուող տուրիստներ, առաջնորդեց հայասիրական-բարեսիրական թափահարումներով: Գաղտնիք չէր, պետութիւնը բեմ էր անտառի օրէնքին դրամատիրական նորայայտ կիրքերու ազատ ասպարէզին մէջ: Զարմանալի էր, որ այս կամ այն ձեւով հաշտուած էինք եւ յարմարած` կացութեան, Երկրին մէջ սովորական էր խօսիլ կոռուպցիայի եւ չարարաշահումներով հարստացած դասակարգի մը մասին, զոր կոչեցին օլիկարխիա, դուրսի զգացական հայրենասիրութիւնը միշտ հակամէտ էր թերի եւ թերութիւն անցողիկ համարելու:

Եթէ վերեւ յիշուած ըմբռնումներով պետութիւն ստեղծուած ըլլար, որ ըլլար տէր եւ առաջնորդ, կ’ունենայինք տարբեր երկիր, որ չէր դատարկուեր, եւ միշտ երազուած հայրենադարձութիւնը տեղի կ’ունենար: Չէինք բաւարարուեր տօնական օրերու ճառերով, անոնց հետ հնչող փող ու թմբուկով:

Տիրոջ եւ առաջնորդի պետական-régalian իրաւունքը ինքզինք վերածած էր չարաշահող մենաշնորհեալներու ակումբի: Հակառակ անոր որ օտար եւ հայկական մամուլը, երկրին մէջ եւ դուրսը, կը խօսէին եւ խօսեցան այս մասին` տալով անուններ եւ հասցէներ, համակարգը կղպուած էր: Երբ վարչապետի մը հետ հանդիպման ընթացքին առաջարկուեցաւ audit ընել` ճշդելու համար համար, թէ ինչպէ՛ս եւ ուրկէ՛ դիզուեցան հարստութիւնները, երբ երկիրը դուրս եկած էր հաւասար չունեւորութենէ, վարչապետը ըսաւ` «աուդիտ կ’անենք»: Այսօր պատասխանատուութեան պէտք է կանչել նաեւ անոնք, որոնք այդ «աուդիտ»-ը չըրին, եւ` զիրենք ալ ենթարկել «աուդիտ»-ի:

Այսօր առեւտրական, ճարտարարուեստական եւ հանքային հարստութիւնները օգտագործող ընկերութիւններ կան եւ անոնք ունին բաժնետէրեր, որոնք յայտնի չէ, թէ ե՛րբ աշխատած են, ուրկէ՛ բերած են բաժնետէր դառնալու իրաւունք-գումարները: Անոնց անունները ծանօթ են, եւ անոնք ծանօթ են իրենց հայրերուն անուններով, որոնց անունները տեղ մը գրուած են նոր նոմենքլաթուրայի ցանկին վրայ: Հարկ է նաեւ քննել մարդոց կենսամակարդակը` ըստ իրենց ունեցած եկամուտներուն: Հարկ է քննել դուրսէն ստացուած թանկարժէք նուէրներու պարագան. ինչո՞ւ կը ստանան այդ նուէրները, ի՞նչ կը թաքցնեն անոնք, եւ որպէս յաւելեալ անաշխատ եկամուտ` ենթարկել հարկային օրէնքի: Դիւրին է ըսել, օրինակ, որ Երեւանի փողոցներուն մէջ հիացում առթող անգլիական կամ գերմանական մակնիշով գերարդիական ինքնաշարժը նուէր ստացած են, երբ ճաշարանի սպասեակ դարձած ուսուցչուհին հեծանիւ մը նուէր չի ստանար…

Պետութիւնը թոյլ տուած է, որ հաստատուին մեծ եւ փոքր մենաշնորհներ (մոնոփոլիա)` սկսելով այգիներուն մատակարարուող ոռոգման ջուրէն, այսինքն պետութիւնը չէ պաշտպանած արտադրող հողամշակը, այդ ջուրը հոսած է մենաշնորհեալի այգին: Քննութիւն մը պէտք է կատարել Արարատեան դաշտի գիւղերուն մէջ:

Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը խանդավառող եւ յուսատու խոստում է:

Այդ խոստումը «դուխ»-էն եւ «թիմ»-էն անդին` պէտք է դառնայ օրէնք եւ կուսակցական կամ այլ նախասիրութիւններէն օրէնքներով վեր դասուած սահմանուած գործող կառոյց, որուն կեանքը չպայմանաւորուի կառավարութիւններու տարիներով եւ ընտրութիւններու անակնկալներով:

Թատերական բացայայտումներէն ետք կը սպասուին Պետական Օրէնքը եւ համապատասխան կառոյցները, որոնք պետութիւն կը պահեն եւ չեն սպասարկեր գացող-եկող կառավարութիւններու նախասիրութիւններուն:

Դժգոհութիւններէն եւ խանդավառութիւններէն ետք, անհատներէն անդին գործող ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ պէտք է կառուցել, դրականը պահել, թերին սրբագրել եւ ապագայակերտը կեանքի կոչել` թօթափելով մեր մէջ արմատացած մանրավաճառի եւ մանր փառատենչիկի աղէտ գործած եւ գործող հոգեբանութիւնը:

Եւ միշտ առաջնորդուիլ «ֆորմիւլա»-ներէ անդին գտնուող հեռանկարային երեք հիմնական եւ հիմնարար գաղափարներով զանոնք անձանձրոյթ կրկնելով եւ անոնց իրականացման ձգտելով. հողահաւաք, հայահաւաք, հոգեհաւաք (լեզու-մշակոյթ):

Այսօ՛ր: Ինչպէս ըսուած է` վաղը միշտ ուշ է:

Բոլոր հարցերուն համար, ներսը եւ դուրսը:

Ոմանք կը խորհին, որ նորութիւն պէտք է, նոր շորի պէս, նորութիւն` թաղի կազեթները հետաքրքրական դարձնելու համար:

Վերջապէս պէտք է յաղթահարել ներսի եւ դուրսի տարբերութիւնները` առաջնորդուելով ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի եսասիրական շահախնդրական ըմբռնումով, այլ` յաւելեալ պարտքի եւ յաւելեալ դրականութեան:

Պետութեան կառուցման եւ հայոց իրաւունքի վերականգնումին համար ծառայութեան կոչելով կարողութիւնները եւ ձեռնհասութիւնները, անոնք գտնուին Երեւան թէ Գիւմրի, Քամչաթքա թէ Հոնոլուլու, Վլատիվոսթոք թէ… Սասուն:

Անցեալ չըլլալու, շարունակութիւն ըլլալու եւ վերականգնումի համար կենսական է իրաւ մէկութիւնը, որ միշտ պէտք է կրկնել, հողահաւաք, հայահաւաք, հոգեհաւաք է:

12 յուլիս 2018, Նուազի-լը-Կրան

Արտենիսի Միակ Գիւղական Հիւրատան Տէրը Կը Սպասէ Հայաստանի Զբօսաշրջիկներու Այցելութեան

0
0

ԵՐԱՆՈՒՀԻ ՍՈՂՈՅԵԱՆ

Ինքնաշարժէն իջնելուս պէս կը շրջապատուիմ ճերմակ մեծ գամփռերով: Սուսուփուս կը մեխուիմ տեղս` արտօնելով «տանտէրերուն» հոտուըտալով ծանօթութիւն հաստատել: Շաքրոն, ժպիտը դէմքին, հանգիստ կը դիտէ ընդունելութեան տեսարանը, ապա շուներուն կը հրահանգէ, որ ետ քաշուին: Տան բակ մեզի հետ միասին մուտք կը գործէ միայն լայքա ցեղատեսակին պատկանող շունը եւ հասնելով շեմին` կը պառկի այնտեղ: Տան մերձակայ մարգագետինէն կը լսուի սեւաթոյր ձիու խրխինջը: «Քուռակը մօտը չէ, անոր համար ալ անհանգիստ է», կը բացատրէ Շաքրոն:

Տանտիրոջ խօսակցութեան մէջ հնչող բաղաձայն հնչիւններու կոպտութիւնը բարբառներէ հասկցող  ոեւէ մէկուն պիտի յուշէ, որ Ղազարեանները Ջաւախքէն են: Ամասիոյ նախկին տարածաշրջանի, ներկայիս Արփի ընդլայնուած համայնքի գիւղերը 1989-էն վերաբնակեցուած են Վրաստանէն եւ Ջաւախքէն տեղափոխուած հայ ընտանիքներով: Ղազարեանները Արտենիս հաստատուած են 1992-ին:

«Մինչեւ խորհրդային կարգերու փլուզումը` ապրած ենք Նինոծմինտայի մէջ,- կը պատմէ Շաքրոն,- երիտասարդ ընտանիք էինք (Հայաստան տեղափոխուելու ժամանակ Շաքրոն 27 տարեկան էր, կինը` 24 տարեկան), երկու երեխայ ունէինք, կ՛ուզէինք արդէն հայրական տունէն առանձին ապրիլ եւ այդ ժամանակ հայրս խորհուրդ տուաւ տեղափոխուիլ Հայաստան: Մեզի բաժին տուաւ` կով, մոզի, ոչխար, մինչեւ ձի ունէինք, այդպէս ալ եկանք ու հաստատուեցանք Արտենիս, ու ըսեմ, որ տեղի ընտրութեան հարցին մէջ մեծ դեր խաղաց նաեւ բնական այս ոչ մեծ լիճը, որուն մօտ ալ մեր տունն է»:

Որսորդութեան հանդէպ ունեցած սէրը Շաքրօ Ղազարեանին համար բնակութեան տեղի ընտրութեան հարցին մէջ առաջնային նշանակութիւն ունեցաւ: Եղանակային թռչնաորս, ձկնորսութիւն, որս` յանուն վաճառականութեան, ասոնք խթանող հանգամանք  պիտի ըլլային հետագային կայացուցած որոշումը սխալ չնկատելու համար: Ընտրած տունը կիսաթալանուած վիճակի մէջ էր: Ազերիներու հեռանալէն ետք Արփի լիճի մերձակայ բոլոր գիւղերն ու բոլոր պարապ տուները անմիջապէս բնակեցուած չեն:  Անտիրութեան մատնուած շինութիւններէն առաջին եկողները հանած եւ տարած էին այն, ինչ որ պէտք էր: Շաքրոն կը պատմէ, որ առանց դուռ-պատուհաններու, ինչպէս նաեւ առանց յատակի տան մէջ բնակելու հեռանկարները զիրենք չէ վախցուցած:

«Ինչ որ պակաս էր, ըրինք, սկսանք ապրիլ,- կը նկատէ Շաքրոյին կինը` Ռայան,- երեխաներս փոքր էին, մեր գալէն տարի մը ետք ծնաւ երրորդ տղաս: Ճիշդը` այնպիսի տարիներ էին, որ թէ՛ մենք, թէ՛ տեղափոխուած միւս ընտանիքները օրուան հացի, ապրուստի հարց կը լուծէինք, կը մտածէինք, որ անպայման լաւ պիտի ըլլայ, շատ բաներու վրայ ուշադրութիւն չէինք ըներ: Օրինակ, որ ընտանիքին մէջ փոքր երեխայ կար, ոչ մէկն ալ մանկապարտէզի մասին չէր մտածեր, բայց դպրոցի հարցը բոլորս ալ կ՛անհանգստացնէր: Մինչեւ 8-ամեայ դպրոցի կազմակերպումը` գիւղին մէջ մանկավարժ կար, որ կ՛այցելէր տուները, երեխաներուն կը սորվեցնէր: Իմ երկու տղաքս մինչեւ դպրոց երթալը 6 ամիս տան մէջ սորված են»:

Հայաստանի ալպիական գօտի նկատուող Ամասիոյ նախկին վարչական տարածքին մէջ թէ՛ անցեալին, թէ՛ ներկայիս հիմնականին մէջ զբաղած են անասնապահութեամբ: Ընտանիքները, որոնք կը վերաբնակէին այստեղ, շատ լաւ գիտէին զբաղուածութեան ոլորտը: Շաքրօ կը պատմէ, որ բացի անասնապահութենէ` ինք նաեւ զբաղած է որսորդութեամբ, որ նոյնպէս որոշակի եկամուտ ապահոված է: «Ձմրան աղուէս կ՛որսայի, մորթէն կնոջական եւ տղամարդու գլխարկ կը կարէի,- կը բացատրէ զրուցակիցս,- կը վաճառէինք Վրաստանի ու Ռուսիոյ մէջ` հատը 50 տոլարի, բայց օր մըն ալ գլխարկները առին` առանց դրամը վճարելու, ես ալ ձգեցի այդ գործը:

Քանի որ ընտրած տունը Արտենիս լիճի ափին էր, ապա պարզապէս ձուկ որսալու կամ բադ բռնելու փոխարէն` Շաքրոն կ՛որոշէ զբաղիլ մշկամուկի բազմացումով: Առաջարկը հաւանութեան կ՛արժանանայ տեղական իշխանութիւններուն կողմէ, լիճը երկարաժամկէտ օգտագործման իրաւունքով կը յանձնուի Շաքրոյին: «Մէկ հատ ցլիկ տուի, 5 զոյգ մշկամուկ բերի Վրաստանէն: Գործընկեր ունէի, որ ըստ համաձայնութեան, պիտի ապահովէր լիճի 4 հեկտար մակերեսի ցանկապատումը: Բայց այնպէս եղաւ, որ ցանկապատումը չեղաւ, ես ալ բերած անասուններս կը ձգէի լիճ, որովհետեւ կարելի չէ զանոնք տան մէջ պահել. ջրային միջավայր պէտք է, ու հիմա այնքա՛ն բազմացած են, որ անցած են Թուրքիա,- Շաքրոն կը ծիծաղի` յիշելով Դարիկի բնակչուհի Իռայի ու մշկամուկի հանդիպման հետ կապուած պատմութիւնը: – Իռան պատմած է, թէ ինչպէ՛ս իր տան լուացարանի կափարիչը բացած ու տեսած է, որ այնտեղ մշկամուկ նստած է, փաստօրէն կոյուղիի խողովակով բարձրացած է Դարիկ»:

Թանկարժէք մորթով այս կրծողի բազմացման նպատակը մորթէ իրերու արտադրութեան հիմնադրութիւնը պէտք էր ըլլար: Մշկամուկի փայլուն եւ հաւասար մազածածկոյթով մորթը կը նկատուի գերազանց հումք` մորթէ իրերու պատրաստութեան համար, սակայն կարգ մը խնդիրներու պատճառով ատիկա իրականութիւն չդարձաւ, եւ Շաքրոյին նորաստեղծ գործը տեւեց ընդամէնը 2 տարի: Պատմութեան այսպիսի աւարտը հիմնականին մէջ կրնայ ուրախացնել անասուն սիրողները: Զրոյցէն տպաւորութիւնս այնպիսին էր, որ Շաքրոն շատ ալ չէ տխրած այս գործի ձախողութեան համար: Զրուցակիցիս հաւաստումով, անարգել բազմացող ու տարածուող մշկամուկը որեւէ ձեւով չ՛ազդեր լիճին մէջ գտնուող միւս անասուններուն վրայ. «Ինքը կրծող է, ձուկ չի բռներ, բադի հաւկիթներուն չի վնասեր, այնպէս որ, վնաս չէ իր բազմանալը»:

Մոլի որսորդէն բնապահպանի վերածուելու գործընթացը Շաքրոյին համար կը սկսի 1993-ին տեղի ունեցած պատահական ծանօթութենէ տարիներ ետք միայն: Արտենիս այցելած յայտնի թռչնաբան Մարտին Ադամեանը` «Հայաստանի թռչուններ» գիրքի համահեղինակը, կը հանդիպի Շաքրոյին հետ ու կը խնդրէ օգնութիւն` Արփի լիճի տարածքին տեղի ունեցող ուսումնասիրութիւններուն համար: «Շատ հետաքրքրական ծանօթութիւն էր, որ այդ պահուն չէ, բայց տարիներու ընթացքին փոխեց կեանքս եւ մտածողութիւնս,- կ՛ըսէ Շաքրոն,- ես հիմա, օրինակ, լիճի տարածքին այլեւս չեմ կրակեր, ոեւէ մէկուն ալ չեմ ձգեր, որ որսայ»:

Կռունկի հայկական ենթատեսակի` մոխրագոյն կռունկի առկայութիւնը Արփի լիճի տարածքին նոյնպէս ճակատագրական կը դառնայ Շաքրոյի գործունէութեան համար: «Լենինկրատի մէջ տեղի կ՛ունենայ գիտաժողով մը, որուն ընթացքին կը յայտարարեն, որ Հայաստանի կռունկը, որ միայն կը գտնուի Ստեփանաւանի շրջանին մէջ, վերացած է: Մարտինը, որ ներկայ էր, կը հակադարձէ, թէ Արփի լիճի տարածքին մէջ կայ, այցելութիւններու ժամանակ բնակավայրերը ցոյց տուած էի իրեն: Անկէ ետք այստեղ եկաւ ռուս թռչնաբան Իլիա Շենկով Վալենթինը, համոզուեցաւ, որ իրապէս կայ, ու ինծի կ՛ըսէր. «Շաքրօ՛, գիտե՞ս, թէ որքա՛ն հիւրեր պիտի ունենաս միայն այս մէկ թռչնատեսակը տեսնել ուզելու համար: Այդպէս ալ որսորդէն քիչ-քիչ վերածուեցայ բնապահպանի», կը ծիծաղի զրուցակիցս:

«Արփի լիճ» ազգային արգելոցի ստեղծումն ալ առանց Շաքրոյի աշխուժ մասնակցութեան չէ անցած:  2009-էն մինչեւ 2012 եղած է փոխտնօրէն պաշտպանութեան գծով: Ապա խնդիրներ ծագած են երկրորդ տնօրէնի` Արա Պետրոսեանին հետ, ու Շաքրոն ձգած է ազգային արգելոցի աշխատանքը: «Բայց, ինչպէս կ՛ըսեն, ամէն չարիքէ բարիք կը ծնի: Այս տարիներու ընթացքին, թէ՛ որպէս արտենիսցի, թէ՛ որպէս անձ, որ մասնակցած է ազգային արգելոցի աշխատանքներուն, բաւական շատ ծանօթութիւն հաստատուեցաւ մարդոց հետ, որոնք լիճ կու գային հետազօտութիւններու նպատակով` թռչնաբան, կենդանաբան, բուսաբան, միջատաբան եւ այլն: Իրենք ալ թերեւս դրդեցին, որ անցնիմ գիւղական հիւրատան գործին: Այն սկիզբի տարիները, որ կու գային, տանս մէջ կը հիւրընկալուէին` առանց որեւէ գումարի բնականաբար, եւ անոնցմէ ոմանք կը նեղուէին, կ՛ըսէին` ի վերջոյ մենք գործով կու գանք, անոր համար գումար կը ստանանք եւ կրնանք քեզի վճարել: Ինծի կ՛ըսէին, որ լաւ կ՛ըլլայ, որ մտածեմ այդ ուղղութեամբ եւ տանս մէկ բաժինը յարմարեցնեմ զբօսաշրջիկներու գիշերակացի համար»:

2011-էն ի վեր, Շաքրոն, արդէն` վճարովի հիմունքներով, զբօսաշրջիկներ կը հիւրընկալէ, հիմնականին մէջ` արտերկրէն: Ոչ այնքան մեծ տան երկու սենեակները յարմարցուցած, վերանորոգած է եւ կրնայ միեւնոյն ժամանակ 4 հոգի հիւրընկալել: Գիշերակացի արժէքը սուղ չէ` անձը 5000 դրամ, որուն մէջ կը ներառուի առաւօտեան նախաճաշը: Հիւրի տրամադրութեան տակ է խոհանոցը, եթէ կ՛ուզէ ճաշ պատրաստել: Տան մէջ կը գտնուի սանհանգոյց եւ լոգարան: Մինչեւ օրս կրցած է հիւրընկալել 200 հոգի:

«Շատ չեն մնար` 2-3 օր»: Օտարներն են հիմնականին մէջ, որ կու գան թռչնադիտարկութեան, կամ կենդանաբաններ, Ճափոնէն հիւրընկալած ենք միջատաբաններ, ընդհանրապէս կու գան մարդիկ, որոնք կը սիրեն բնութիւնը, բայց, ցաւօք, ներգնայ զբօսաշրջութեամբ զբաղողները մեր գիւղը չեն հասնիր, հայ զբօսաշրջիկ չենք ունեցած,- կ՛ըսէ Ռայան,- թէեւ մեր ունեցած ննջարանները քիչ են: Եղած է, որ հեռաձայնած են, ըսած են` մօտ 20 հոգինոց խումբ մը, բայց կրցած ենք միայն կերակրելու հարցը լուծել, մեր մօտ ճաշած ու գացած են»:

Գիւղական հիւրատան գործի թերեւս ամէնէն ուրախ կողմը օտարներու հետ շփումն է` առանց օտար լեզուի իմացութեան: «Ձեռքով-ոտքով կը հասկցնենք,- ծիծաղելով կը բացատրէ Շաքրոն,- միջազգային այդ լեզուին լաւ պիտի տիրապետենք, ու պատկերացուցէք, որ լաւ ալ պիտի հասկնանք զիրար: Ես որոշ բաներ գիտեմ անգլերէն, մնացածը շարժումներով կը բացատրեմ: Տունը եղած ժամանակ սքայփով կը կապուինք տղուս եւ ինք կը թարգմանէ: Այս վերջերս զուարճալի բան մը պատահեցաւ. ամիս մը առաջ աւստրիացի զոյգ մը կը հիւրընկալէինք, ես տունը չէի, կինս ուզած է գիտնալ, թէ քանի՛ զաւակ ունին: Ռայային ըսած է, որ ինքը երկու «պէյպի» ունի ու ցոյց տուած է իր ամուսինը, որպէսզի սեռը հասկցնէ: Ռայան ալ ձեռքով ցոյց տուած է, թէ ինք ունի 3 զաւակ ու նորէն ցոյց տուած է Հանսը` աւստրիացի մարդը, որպէսզի ըսէ, թէ տղայ են:

Գործը ընդլայնելու նպատակով մէկ շաբաթ առաջ Շաքրօ Ղազարեանը հիւրատան կառուցման ծրագիր ներկայացուցած է Շիրակի մարզապետարան: Յոյս ունի, որ կառավարութիւնը անտոկոս կամ ցած տոկոսով եւ երկարաժամկէտ վարկ կը տրամադրէ` 40 հազար տոլարի սահմաններուն մէջ, 4 մասնաշէնքէ բաղկացած նոր հիւրատուն կառուցելու համար: «Տարածքը ունիմ, խնդիր չէ, 4 փոքր տնակներ պիտի ըլլան, նախատեսուած` երկու հոգիի համար եւ բոլոր յարմարութիւններով: Եթէ ծրագիրս հաստատուի եւ կարենամ ընդլայնել, պիտի փորձենք մեր տարածաշրջանին մէջ ալ զբօսաշրջութիւնը աշխուժացնել»:

Շիրակի մարզի Արտենիս բնակավայրը կը գտնուի Արփի համայնքին մէջ, Գիւմրիէն 46 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք, Արփի լիճէն 10-11 քիլոմեթր դէպի արեւելք, Ախուրեան գետի ափին:

«Հետք»

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

 

Եամա՜ն, Աստուա՛ծ, Ֆետան Եկաւ…

0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ    

Հարիւր քսանմէկ տարի առաջ հայոց յանդգնութիւնը պատմական հատու արշաւանքի մը ընդմէջէն նոր նշանաձող նուաճեց: Այդ յանդգնութիւնը հարազատ արտացոլացումն է հայ յեղափոխականներու անդուլ կամքին ու բարձր կորովին, եւ հարկ է նշել, որ կրկնակի իմաստ ունի:

Առաջինը` 1896-ին յունիս ամսուն դաշնակցական Պետոյի, հնչակեան Մարտիկի եւ արմենական Աւետիսեանի ջոկատներուն կոտորածը` թուրք զօրքին եւ քիւրտ մազրիկ ցեղին միասնական դաւադրութեամբ, ոչ միայն ընկճուած հոգեվիճակ չառաջացուց, այլ վրէժխնդրութեամբ լեցուց հայ ֆետայիներուն սրտերը:

Երկրորդը` թուրք, ռուս եւ պարսիկ տէրութեանց ճնշումները եւ հաւանական արձագանգ քայլերը արհամարհելով, երկու հարիւր յիսունէն աւելի հայ կտրիճներ սուր եւ հրացան շալկած, Խանասորայ դաշտ արշաւեցին նահատակուած ընկերներուն վրէժը լուծելու եւ արդարութիւնը հաստատելու վեհ նպատակով: Թիրախը շատ յստակ էր, իսկ խնդիրը մէկ` մազրիկ ցեղի արական սեռի ներկայացուցիչները ահաբեկումի ենթարկել: Տասնամեակներ շարունակ շատ բան գրուեցաւ արշաւանքի կազմակերպչական աշխատանքներուն եւ իրականացման եղանակին մասին: Միտք չունիմ կրկնելով` ընթերցողներուն ձանձրոյթ պատճառել, այլ կ՛ուզեմ շեշտը դնել այն երեք կէտերուն վրայ, որ իր մէջ կը պարունակէ 25 յուլիս 1897-ը:

Իմ համեստ կարծիքովս, Խանասորայ արշաւանքի խորհուրդը երեք կարեւոր պատգամներ կը յղէ մեզի: Առաջինը` յատկանշական է, որ հայ մարտիկները թուրք եւ քիւրտ ջարդարարներուն պէս չվարուեցան` առանց խտրութեան մահ ու աւեր սփռելով, այլ` ցուցաբերեցին բարձր բարոյականութիւն եւ կարգապահութիւն, ցոյց տալով, որ հայ դաշնակցական ֆետային գաղափարի նուիրեալ մարտիկ է եւ իր նկարագիրը մաքուր պահելու նախանձախնդրութենէն մղուած` ապականիչ ստորնութիւններու չի դիմեր: Ուշագրաւ են նաեւ հայ յեղափոխականներուն գործադրած ռազմագիտական հմտութիւնները, որոնց շնորհիւ` մէկ գումարտակին համազօր արշաւախումբով կարելի եղաւ ամբողջ ցեղի մը վերջը դնել:

Երկրորդը` պատժական այս արշաւանքը իրաւամբ կարելի է նախաքայլը սեպել հայ յեղափոխութեան վրիժառական դրուագներու շարանին, որուն մաս կը կազմեն Սերոբ Աղբիւրի նահատակութեան արիւնալի հատուցումը, «Նեմեսիս» գործողութիւնը եւ այլն: Եւ երրորդը` թէեւ արշաւանքը ծրագրող եւ գործադրողը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն էր, սակայն դաշնակցական մարտիկները Խանասորայ դաշտ չմեկնեցան Պետոյի եւ անոր ջոկատին վրէժը լուծելու համար միայն, այլ` հնչակեան եւ արմենական իրենց զոհուած ընկերներուն, գալիք սերունդներուն պատգամելով, որ Հայ դատի պայքարը առանձին դաշնակցական, առանձին հնչակեան կամ արմենական պայքարը չէ, այլ միասնական պայքար է, միասնական խոյանք եւ ձգտում, որոնց հասնելու համար հրամայական են միջկուսակցական գործակցութիւնը եւ համախոհութիւնը:

Այս ամփոփ կէտերը ներկայացնելով` կը յուսամ, որ երիտասարդներս ի վիճակի պիտի ըլլանք հասուն գիտակցութեամբ պատմական դասեր քաղելու յաղթական արշաւանքէն եւ իւրացնել անոր խորհուրդը: «Եամա՜ն, Աստուա՛ծ, ֆետան եկաւ, ո՞ւր փախչինք», սարսափ բուրող այս խօսքերը մեզ թող փոխադրեն 1897 թուական, Խանասորայ դաշտ, տեսնելու համար հայ ֆետայիներու ուժը եւ քաջութիւնը, իսկ հայ ազգի թշնամիներուն թող յիշեցնեն, որ հայու արիւնով ծարաւը յագեցնելու փափաքողները սեփական արեան մէջ կը խեղդուին:

 

 


Խանասորայ Արշաւանքին Շունչը Պէտք Չէ Բացակայի Հայ Կեանքէն (25 Յուլիս 1897)

0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Կրնայ առարկուիլ, թէ ո՞վ ըսաւ, որ Խանասորը մոռացութեան տրուած է, կամ չի յիշատակուիր, անոր մասին տեղեկութիւն չի փոխանցուիր, չ՛արժեւորուիր եւ այլն:

Փաստօրէն դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներ, իրենց պատանեկանի տարիքին իսկ, արդէն մօտէն իրազեկ կը դառնան մէկ կողմէ ՀՅ Դաշնակցութեան ողջ պատմութեան եւ միւս կողմէ` այդ պատմութեան մաս կազմող նշանաւոր դէպքերուն, դէմքերուն եւ մարտական-զինուորական աշխատանքներուն:

Ճիշդ է, որ սպիտակ անհաշուելի էջերու վրայ արձանագրուած են բազմաթիւ միտքեր ու վերլուծութիւններ այս արշաւանքին մասին, վեր առնուած եւ ընդգծուած է անոր յաւերժահունչ պատգամը, արժեւորուած` տուն տուող պատճառն ու հետեւանքը, զայն մտայղացողն ու թշնամիին վրայ թողած անոր ուժեղ անդրադարձը, այդուհանդերձ մեզ մտահոգողը, տարիներ շարունակ, եղած է այն, որ Խանասորայ արշաւանքին շունչն ու ոգին ամբողջ հայութեան սեփականութիւնը չէ դարձած պէս-պէս բացատրութիւններով:

Կը թուի, թէ ամէն պատեհ առիթի հարկ է լոյսին բերել այս եզակի արշաւանքին պատմական արժէքը, այն առումով, որ անոր պարփակած դաստիարակիչ խորհուրդը կը մնայ անժամանցելի, մանաւանդ մեր օրերուն, երբ վերանկախացած հայրենիքն ու ազատագրուած Արցախը կը դիմագրաւեն նոյնանման բնաջնջումի վտանգներ, ինչ որ օրին` 1890-ական տարիներուն կ՛ապրէր ամբողջ հայութիւնը:

Յիշեցնել է պէտք, որ տուեալ ժամանակի կենսագիրներ ու մասնակիցներ գրեթէ ամբողջականօրէն անդրադարձած են Խանասորայ արշաւանքին: Արշաւանք, որ տեղի ունեցած է աւելի քան 120 տարի առաջ, հայ կեանքի ամենադժուար օրերուն եւ տարիներուն: Արշաւանք, որ ցարդ պահած է իր թելադրականութիւնը, իմաստը, առաքելութիւնն ու հնչեղութիւնը:

Ահա գաղտնիքը անոր գաղափարական արժէքին եւ յեղափոխական աւանդին:

Եթէ երբեք Խանասորայ արշաւանքը շատեր ու անոնց կարգին, այսպէս ըսած, այլ կուսակցութիւններու անդամներ կը դիտեն իբրեւ լոկ դաշնակցական աքթ, եւ կամ սովորական մարտական գործողութիւն` ուղղուած քիւրտ Մազրիկ ցեղին, այլապէս փորձ կատարելով` դիտումնաւոր թէ անգիտակցաբար իր համազգային հնչեղութենէն պարպելու զայն, ապա, անոնք չարաչար սխալած կ՛ըլլան եւ տուրք տուած իրենց խաժամուժ մտածումներուն: Տեղին է ընդգծել, որ կան բազմաթիւ ոչ դաշնակցական մտաւորականներ, որոնք էապէս արժեւորած են պատուաբեր այս արշաւանքին իմաստը, մամուլով թէ հրատարակուած գիրքերով:

Փաստօրէն, կարմիր սուլթանի սանձազերծ ոճիրները ահ ու սարսափ սփռեցին Արեւմտահայաստանի ողջ տարածքին: 1895-1896 տարիներու սպանդները աւելի քան երեք հարիւր հազար անմեղ հայերու բնաջնջումին պատճառ դարձան:

Վանի հայութիւնը, շնորհիւ իր երեք կուսակցութիւններու միակամ կեցուածքին եւ ինքնապաշտպանական կռիւներուն, գէթ որոշ չափով կրցած էր փրկել տեղւոյն հայութիւնը: Բնականաբար, նման կեցուածք եւ համոզում անհաշտ աչքով պիտի դիտուէր զազիր թուրքին կողմէ: Ստեղծուած ջարդարար մթնոլորտին մէջ միջազգային քաղաքական միջամտութիւններ` յանձինս եւրոպական երկիրներու, տեղի պիտի ունենային, սակայն միշտ սուլթանական վայրագ վարքագծին գոհացում տալու միտումով:

Նման կացութիւններու իբրեւ հետեւանք Վանի մէջ մարտական գործողութիւններ վարած ֆետայիներուն ձեւով մը կը պարտադրուէր հեռանալ քաղաքէն, իբր թէ հաշտութեան եւ յաւելեալ արեան հեղումի կասեցման նպատակով:

800 յեղափոխականներ, որոնց գլխին էին արմենական Աւետիսեան, հնչակեան Մարտիկ եւ դաշնակցական Պետօ, կ՛որոշեն հեռանալ ու ապաստան գտնել պարսկական հողին վրայ: Բարբարոս թշնամիին բանակները կը հալածեն դէպի Վասպուրականի լեռներ հեռացող հայ մարտիկները: Անոնց օգնութեան կը հասնին, ինչպէս միշտ, քրտական  ցեղախումբեր: Այս պարագային մազրիկ ցեղախումբը ուղղակիօրէն մասնակից կը դառնայ տղոց հալածանքին ու անոնց դէմ կռիւի մասնակցութեան:

Հայ յեղափոխականները մինչեւ վերջին շունչ կը մարտնչին, քաջաբար կ՛իյնան եւ իրենց սուրբ արեամբ կ՛ոռոգեն հայրենի լեռներն ու հայոց պատմութեան էջերը:

Ահա միասնականութեան ամէնէն վառ ու անգերազանցելի օրինակը, զոր ցոյց տուին հայ մարտունակ կամքի ֆետայիները: Միւս կողմէ, սակայն, հայութեան համար նման կորուստ շատ ծանր պիտի կշռէր. բարոյալքուած էր հայութիւնը, անճիտուած էր ազգային կեանքը, յուսահատած էր երիտասարդութիւնը:

Եւ ահա, դաշնակցական գաղափարական ու մարտական փաղանգի մեծագոյն ներկայացուցիչներէն Նիկոլ Դուման, ի տես այս վիճակին, կը յղանայ արշաւանք մը կազմակերպելու ծրագիրը` թշնամին իր որջին մէջ հարուածելու:

Փաստօրէն, ազգային յեղափոխական պատմութեան մէջ իր եզակի մտածումով եւ  դերակատարութեամբ ծանօթ Նիկոլ Դումանի համար նման արշաւանք կը միտէր առաջին հերթին վերականգնել հայութեան բարոյահոգեբանական կորովը, լուծել վրէժը հարիւրաւոր յեղափոխականներու, պատժել թշնամին, որպէսզի չկրկնէ նման վատոգի ու դարանակալ արարք, բարձրացնել նախաձեռնութեան ոգին, ցոյց տալ հայ յեղափոխականի անկոտրում կամքի մեծութիւնն ու արիւնռուշտ թշնամին հարուածելու կարողութիւնը:

ՀՅ Դաշնակցութեան 1896-1897 Ռայոնական ժողովը կ՛որդեգրէր Նիկոլ Դումանի ծրագիրը, եւ անոր կը յանձնուէր զայն իրագործելու պատասխանատուութիւնը: Պէտք է նշել, որ այս արշաւանքին դէմ էին բազմաթիւ յեղափոխականներ, նկատի առած այլ առաջնահերթութիւններ, ուժերու եւ զինուորական ծախսի հսկայական պահանջը:

Այդուամենայնիւ, Քրիստափոր Միքայէլեանի նման հզօր անհատականութիւն, թեւ եւ թիկունք էր Նիկոլ Դումանին, հաւատալով անոր ռազմագէտի հանճարին:

Ինչպէս միշտ, Նիկոլ Դումանի ռազմական ու կազմակերպչական տաղանդը նաեւ այս աշխատանքին մէջ երեւան կու գար: Անոր անդուլ ճիգերուն, տիւ եւ գիշեր զէնք ու զինամթերք ապահովելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ աւելի քան 250 ֆետայիներու պատրաստութեան շնորհիւ արշաւանքի կազմակերպումը իր լրումին կը հասնէր:

25 յուլիս 1897-ի այգաբացին Արաուլ լերան լանջին հաստատուած ֆետայիներ տուին յարձակումի ազդանշանը: Խանասորի դաշտը վրանաքաղաքի վերածած քիւրտ մազրիկ ցեղախումբը ամբողջութեամբ անակնկալի եկած ահ ու սարսափի կը մատնուի: Ցեղապետ Շարաֆ բեկ հազիւ կրնայ փախչիլ` կնկայ հագուստով ծպտուած:

Աննման ռազմավար եւ խրոխտ ֆետայի Նիկոլ Դումանի պատգամը` ձեռք չբարձրացնել թշնամի մանուկի, կնկայ թէ երէցի, անվերապահ կը գործադրուի: Միւս կողմէ, սակայն, ֆետայիներու արձակած փամփուշտի տարափին տակ կը զգետնուին անհամար թշնամիներ:

Վրանաքաղաքը հրոյ ճարակ կը դառնայ, թշնամին սարսափահար կը փախչի: Արշաւանքը իր առաքելութիւնը լիարժէքօրէն կատարած էր, իսկ թշնամին` ըմբռնած հայ ֆետայիին պատգամը: Քիւրտին կամքը փշրուած էր պատերազմի դաշտին վրայ: Ինկած էին սուրբ նահատակներ:

Այսօր, երբ Հայաստան ու Արցախ շրջապատուած են զազիր թշնամի հորդաներով, որոնց գոյութեան իմաստը հայութեան բնաջնջումն է, երբ թրքութիւնը ամէն քայլափոխի իր բարբարոսութիւնը ցոյց կու տայ, երբ հայապատկան Նախիջեւանի սահմանին թուրք-ազերիական ոտնձգութիւնները անպակաս են, երբ Արցախի պաշտպանական դիրքերու դէմ դաւադրական յարձակումները յաճախ կը կրկնուին, երբ ազերին ուղղակի կը սպառնայ հայ պետականութեան եւ չի թաքցներ իր վայրագ միտումները, ահա, նման կացութիւններու դէմ-յանդիման, հայոց բանակի առաջնահերթ նշանաբանը պէտք է ըլլալ` հարուածել թշնամին իր որջին մէջ:

Այսինքն` հայոց բանակին վերապահել հակահարուած տալու կորովն ու առիթը, բարձր պահել հայ զինուորին ու սպայի նախաձեռնող ոգին, ուժ տալ զինուորական կազմակերպչական աշխատանքներու, ի հարկին յարձակողական մարտավարութիւն կիրարկել առանց երկմտանքի, անակնկալի բերել ոսոխը,  տիրութիւն ընել ազգային արժանապատուութեան նուիրական զգացումին եւ հայութեան շնորհել նորօրեայ յաղթանակներու հրայրքը:

Կը մնայ հայ զինուորին ուսուցանել իր փառաւոր պատմութեան ամէնէն յատկանշական սխրանքներէն հանդիսացող Խանասորայ արշաւանքին շունչը:

22  յուլիս 2018              

 

«Աղօթենք Հաւատքով» Գրքոյկ

0
0

Հրամանաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ մեկենասութեամբ «Հայ ոգի» մատենաշարին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ Անթիլիասի մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Աղօթենք հաւատքով» խորագրեալ սուրբ պատարագի գրքոյկը, ներառեալ` շարք մը աղօթքներով:

Յայտնենք, որ վերոյիշեալ գրքոյկը լոյս տեսաւ 100 հազար տպաքանակով եւ կը բաժնուի մեր թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարենայ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերել սուրբ պատարագի հոգեպարար արարողութեան:

Հարսանիք` Հայրենիքէ Հեռու (Լիզպոն 35-ամեակ) Ա.

0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ     

Ո՛չ, շփոթեցնող ոչինչ պէտք է գտնել խորագիրին մէջ: Աւելի՛ն. հրաշափառ տղոց կատարած սխրանքին, անկրկնելի խոյանքին ու անոնց վսեմ դաւանանքին դէմ ուղղուած ոչ մէկ միտում հարկ է տեսնել, պարզ այն հասկացողութեամբ, որ անոնք` Լիզպոնի հինգ «խենթ»-երը, ուզեցին իրենց ողջուց (նախքան նահատակութիւն) իրենց ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնել գերագոյն ճշմարտութիւն մը, համոզումի փարոս մը, թէ` առանց հայրենիքի ի՜նչ հայութիւն, առանց նուիրումի ու զոհաբերումի ի՜նչ հայրենապաշտութիւն:

Ըսուածին վաւերական ապացոյցը հանդիսացաւ այն վիտէօ երիզը, որ լոյս աշխարհ եկաւ Լիզպոնի գործողութենէն ետք, այսպէս ըսած, շառաչիւն ապտակ մը հասցնելով բոլոր անոնց, որոնք, բանտարկուած ըլլալով իրենց նեղմիտ, այլամերժ ու ապազգային կազմաւորումին մէջ, ատենին` 1983-ին, եւ մինչեւ այսօր, փորձեցին ու կը շարունակեն իբրեւ այդպիսին մնալ, նսեմացնելու, պիտակաւորելու եւ իր էութենէն պարպելու սրբազան տղոց գերագոյն զոհաբերութիւնը:

Այլ հարց, թէ նմանօրինակ հալածախտէ ու անբուժելի բարդոյթներէ տառապող հիւանդներ (հայ թէ օտար) մնացին լուսանցքի մէջ, թափառեցան մութ արահետներու եւ գորշ վիհերու ամբողջ տարածքին, ուզեցին ամէն առիթի սիրտ ու միտք խառնել, նորահաս սերունդին հոգեմտաւոր աշխարհը աղաւաղել, այդուամենայնիւ, ինչպէս միշտ ու յաւէտ, դատապարտուեցան շիջումի, ինքնալուծարքի եւ խայտառակութեան:

Որովհետեւ սրբազան տղաները դեռ ողջուց եւ հրապարակաւ իրենց բարի ժպիտով, նախանձախնդիր ոգիով եւ աներեր պատրաստակամութեամբ արար աշխարհ յայտարարեցին, թէ կ՛երթան դէպի լուսաւոր կեանք, Հայ դատի ի նպաստ իրենց մաքրամաքուր արիւնը ընծայելու, Արարատի ազատագրութեան համար իրենց ամենասուրբ հոգիները նուիրաբերելու, հայրենիքի վերատիրացման ու ժողովուրդի ազատութեան դարաւոր երազի իրականացման ի խնդիր իրենց թանկագինը` կեանքը մատուցելու, եւ առանձնապէս` ապագայ սերունդներու հոգիներուն մէջ կանթեղելու ազատատենչութեան եւ հայրենապաշտութեան ճրագը, բոցավառ ու անշէջ կրակը:

Անոնք` մեր տղաները, իրենց հարազատ շրջապատին ու ժողովուրդին ծնունդն էին, իրենց ազգասէր ընտանիքներուն` շունչը, ստացած դաստիարակութեան` ոգին, գաղափարական աշխարհին` պատիւը, պատկանելիութեան` ամենաբիւրեղ օրինակը, բայց մանաւանդ` հայ ժողովուրդի ազգային ու ցեղային առանձնայատկութիւններուն, արեան շաղախին ու բարոյահոգեբանական կառուցուածքին` կենդանագիրը:

Իրօք, գերագոյն զոհաբերութեան վկաները իրենց ողջուց յայտարարեցին, թէ անոնք ընտրած են այս ճանապարհը` լիզպոնեան խոյանքը, դէպի անմահութիւն թռիչքը, թուրքը իր որջին մէջ հարուածելու պատրաստակամութիւնը, թշնամիին երբեք չյանձնուելու խոր համոզումը, եւ, ի հարկին ուժանակով իրենց սրբատաշ ու գարուն կեանքին վերջ տալու մտադրութիւնը:

27 յուլիս 1983:

Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի երկնակամարը ականատես եղաւ իր բնոյթով եզակի եւ զգայացունց ղօղանջ-պայթումի մը, սիրտեր ու հոգիներ սթափեցնող արարքի մը, որուն արձագանգը սփռուեցաւ աշխարհով մէկ, եւ, որով պայծառացան լուսաշող դէմքերը անոնց, ժպիտով եւ խանդաղատանքով առլցուն, դէմքեր հոգեբորբ եւ պսպղուն, դէմքեր սրբազան ու քաջազուն:

Այդ օր մարդկութիւնը համակ (թշնամի թէ բարեկամ) հայութեան առընթեր ականատես կը դառնար իւրայատուկ հարսանիքի մը, հայրենիքէն հեռու, սակայն հայրենիքին համար: Հարսանիք` հինգ ընկերներու, վեհափառ երիտասարդներու, հարսանիք` Արարատի գագաթին վերածնելու:

 

 

 

Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նոր Հայաստանը

0
0

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

Հանրայայտ պատմաքաղաքական իրողութիւն է, որ 1920-ին Սեւրի վեհաժողովը տեղի կ՛ունենար միջազգային թէ շրջանային առումով չափազանց հակասական, տարաբնոյթ եւ քաղաքական խառնաշփոթ կացութիւններու լոյսին տակ:

Մէկ կողմէ Ա. Աշխարհամարտի դաժան պայմանները, միւս կողմէ` 1917-ի հոկտեմբերին այլեւս անկանխատեսելի քաղաքականութիւններու երկիր դարձած Ռուսիոյ մէջ պոլշեւիկեան յեղաշրջումը, որ ամբողջ տարածաշրջանը կը մատնէր դժնդակ կացութեան:

Ա. Աշխարհամարտը կը հասնէր իր աւարտին, պարտուած Թուրքիան ենթակայ էր մեծերու դատավճիռին:

1918 հոկտեմբերին երիտթրքական կառավարութիւնը հրաժարեցաւ: Լուծուեցաւ երկիրը ղեկավարող Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութիւնը:

Նոյեմբերի սկիզբը դաշնակիցներուն եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուեցաւ Մուտրոսի զինադադարը:

Թրքական բանակները քաշուեցան անդրկովկասեան տարածաշրջանէն:

Փաստօրէն Ա. Աշխարհամարտը իր աւարտին կը հասնի դաշնակիցներու յաղթանակով եւ Թուրքիոյ պարտութեամբ:

Խաղաղութեան եւ հաշտութեան համաժողովը տեղի կ՛ունենայ ուրեմն Փարիզի արուարձաններէն Սեւրի մէջ: Դաշնագիրի ստորագրութեան կը մասնակցին` Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Ճափոն, Պելճիքա, Յունաստան, բոլորը: Պաշտօնապէս կը հրաւիրուի Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Աւետիս Ահարոնեանի: Ներկայ կ՛ըլլան օսմանեան Թուրքիոյ իթթիհատական կառավարութեան ներկայացուցիչները:

Սեւրի դաշնագիրը միջազգային քաղաքական վաւերական այն թուղթն է, մեծ պետութիւններու եւ պարտուած Թուրքիոյ միջեւ կնքուած միակ փաստաթուղթը, որով պաշտօնական ճանաչում կը ստանան միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Թուրքիայէն անոր ունեցած արդար ու լիիրաւ պահանջները:

Տուեալ դաշնագիրով Հայաստանի տարածքը կը դառնար 161 հազար քառակուսի քիլոմեթր, ինչ որ ի վիճակի կը դարձնէր աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբումը այդ տարածքին վրայ եւ այլ քաղաքակիրթ ազգերու կողքին կ՛ապահովէր հայութեան անվտանգութիւնն ու անկաշկանդ զարգացման եւ ստեղծագործութեան շարունակութիւնը:

Արդարեւ, Հայաստանի պատուիրակութեան խնդրանքին ընդառաջելով` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն յանձն կ՛առնէր հովանաւորել եւ իր աւարտին հասցնել այս գործը:

Սոյն դաշնագիրը ստորագրուեցաւ, եւ բոլոր դաշնակից պետութիւններու համաժողովը այսպիսով հռչակեց միացեալ, անկախ եւ ազատ Հայաստան:

Սեւրի դաշնագիրին Հայաստանի վերաբերող վեց յօդուածները հետեւեալներն են. յօդուածներ` 88, 89, 90, 91, 92 եւ 93:

Սակայն հիմնականին մէջ պէտք է լուսարձակի տակ բերել յօդուած 89-ը, ուր կ՛ըսուի, թէ Թուրքիա եւ Հայաստան, ինչպէս նաեւ միւս պայմանադիր բարձր կողմերը կը հաւանին Ամերիկայի նախագահին իրաւարարութեան յանձնել Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին որոշումին խնդիրը եւ ընդունիլ նախագահի որոշումով Հայաստանի ծով իջնելուն եւ վերոյիշեալ սահմանին յարակից բոլոր օսմանեան հողերը զինուորապէս չէզոքացնելու մասին պատրաստուած բոլոր տրամադրութիւններուն:

Հայկական հարցին` Սեւրի դաշնագիրին պատմական ամէնէն մեծ ծառայութիւնը   այն էր, որ աշխարհը պաշտօնապէս ճանչցաւ իր հայրենիքին` Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ հայ ժողովուրդի իրաւաքաղաքական իրաւունքները:

Այսօր, Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութենէն 98 տարիներ ետք, 161.000 տարածքէն մնացած է միայն Արդի Հայաստանի Հանրապետութեան 29.000 քառակուսի քիլոմեթր եւ Արցախի ազատագրուած տարածքը:

Այսօր Հայաստանը, 1991-էն ի վեր, վերստին անկախացած է, Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերստին միջազգային ընտանիքի լիիրաւ անդամ է` փոխադարձ պարտականութիւններով եւ պարտաւորութիւններով, Հայաստանը ՄԱԿ-ի անդամ է, Հայաստանը անդամ է նաեւ ՀԱՊԿ-ի, ԵԱՏՄ-ի, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ` Եւրոպական անվտանգութեան եւ համագործակցութեան Հելսինքիի 1975-ի եզրափակիչ փաստաթուղթի 10 պարբերութեան, որուն համաձայն, միջազգային ընտանիքի անդամներու միջեւ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւնները լուծելու համար կը թելադրէ միջազգայնօրէն ստանձնած պարտաւորութիւնները անվարան կատարել:

Հետեւաբար, Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային իրաւաքաղաքական հիմունքներով ի վիճակի է ցանկացած մէկ պահուն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի եւ միջազգային միւս բոլոր կազմակերպութիւններուն ուշադրութեան յանձնել, որ Թուրքիան կը խուսափի կատարել Ուիլսընի իրաւարար վճիռով ստանձնած պարտաւորութիւնները, այսինքն` հայ-թրքական հողային եւ սահմանային խնդիրը:

Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային դիրքերու ամրապնդման, հզօրացման, հեղինակութեան եւ անվտանգութեան համար անհրաժեշտ է հայ-թրքական յարաբերութիւնները, սահմանային խնդիրները փոխադրել իրաւական հարթակ եւ այդ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր խնդիրներուն տալ իրաւաքաղաքական լուծումներ:

Պէտք է ճշդել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները` մեկնելով Հայաստանի եւ համայն հայութեան անվտանգութենէն, որուն խարիսխը կը հանդիսանայ Սեւրի դաշնագրի իրաւաքաղաքական տարողութիւնը եւ ռազմաքաղաքական նշանակութիւնը:

Այդ իսկ պատճառով մենք լիայոյս ենք, որ նոր Հայաստանի իշխանութիւններու վարած արտաքին քաղաքականութեան կալուածին մէջ կարեւորագոյն հատուածներէն մէկը կը հանդիսանայ Սեւրի յղումը, Սեւրի դաշնագիրի արծարծումը եւ վերակենդանացումը:

Մենք լիայոյս ենք, որ վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած ողջունելի քաղաքական իրադարձութիւնները եւ իշխանափոխութիւնը միանշանակ հասկնալիօրէն պիտի ծառայեն վերոնշեալ մտորումներուն. այլ խօսքով, մենք լիայոյս ենք, որ կը ծառայեն ու կը նպաստեն ազգային համախմբուածութեան եւ միասնականութեան, եւ ոչ թէ հատուածապաշտութեան եւ արտաքին միջամտութիւններու ճնշումին տակ փորձեն միջազգային որոշ կազմակերպութիւններու հիմնադրամներու ֆինանսաւորումով մեր հասարակութիւնը տարբեր շերտերու դասակարգել կամ ճեղքել, պառակտել:

Լիայոյս ըլլալով եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով, որ նոր Հայաստանի իշխանութիւնները յաջողին իրենց առաքելութեան մէջ, առնուազն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, տրուած ըլլալով, որ ան ուղղակի մասնակից է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական նոր իրականութեան մէջ իր երկու նախարարներով ու մարզպետներով, մենք անվերապահօրէն կողմնակից ենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարութիւնը զարգացնելու, երկիրը բարեկարգելու, պետական համակարգը արդիականացնելու, փտածութեան դէմ պայքարը շարունակելու, պետական չարաշահումները եւ իւրացումները բացայայտելու, սակայն զուգահեռաբար կ՛ակնկալենք, որ ներկայ իշխանութիւնները նոյն վճռակամութեամբ ամրապնդեն ու պաշտպանեն ազգային արժէքային համակարգը, աւանդութիւնները, պատմութիւնը, մշակոյթը, ազգային առաքելական եկեղեցին, ազգային հերոս կերպարները, որովհետեւ այդտեղ է յաջողութեան միակ գրաւականը եւ երաշխիքը:

Եւ ոչ թէ ժողովրդավարութեան եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան անունին տակ հայրենի հասարակութիւնը զիրար հակադրելով` ներմուծենք այնպիսի օտար բարքեր եւ արժէքներ, որոնք կրնան ջլատել, պառակտել եւ տկարացնել հասարակութիւնը, հայ ընտանիքը եւ պահանջատէր մեր ժողովուրդին արդար պատմաքաղաքական իրաւունքներու գործընթացը:

Հայաստանի Հանրապետութեան բախտորոշ քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները ապահովաբար պիտի ծառայեն հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի ամբողջական վերականգնման, եւ ոչ թէ միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու հիմնադրամներու ֆինանսաւորումներով ծրագիրներու իրականացման: Մանաւանդ այս փուլին, երբ ամբողջ տարածաշրջանի անկայունութեան եւ պատերազմի վերսկսման սպառնալիքը առկայ է` ի տես մեր հարեւան ռազմատենչ Ազրպէյճանի ախորժակներուն, նկրտումներուն, սպառազինութեան եւ կատարած օրական զինադադարի խախտումներուն, ինչին դիմակայելու լաւագոյն ձեւաչափը ներազգային կայունութեան, անդորրութեան եւ համայն հայութեան միասնականութեան առկայութիւնն է:

Նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ պրն. Փաշինեան Պելճիքա իր այցելութեան` ՕԹԱՆ-ի ժողովներու եւ հանդիպումներու միջոցին կատարած իր յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ կ՛ըսէր. «Քանի որ պատերազմի վերսկսման վտանգը միշտ առկայ եղած է, եւ մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք այդպիսի զարգացումներու»: Աւելի ուշ, տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական լարուած իրավիճակի մասին ակնարկելով, 15 յուլիսին դարձեալ Հայաստանի վարչապետ պրն. Փաշինեան կ՛ըսէր, որ` «պէտք է պատրաստ լինենք հակահարուած տալու»:  Այս իմաստով բարացուցական են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի 23 յուլիսի կատարած շարք մը յայտարարութիւնները, յատկապէս երբ կ՛ըսէ. «Ապրիլեան յարձակումին բեմագրութեան կրկնութեան պարագային, հայկական կողմը կրնայ չխուսափիլ իր ամբողջ զինանոցի օգտագործման գայթակղութենէն»: Այդ իսկ պատճառով, այսօրուան գլխաւոր հրամայականը համայն հայութեան համախմբուածութիւնն է` ազգ, պետութիւն, իշխանութիւն, եկեղեցի, կուսակցութիւններ` ի խնդիր համազգային ընդհանուր ուժերու լարումին եւ համապատասխան պատրաստուածութեան:

Արդարեւ, վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ գօտիի Արէնի գիւղի Նախիջեւանի հատուածին մէջ ռազմատենչ Ազրպէյճանի զինուորական ոտնձգութիւնները իրապէս կը սպառնան ամբողջ տարածաշրջանի խաղաղութեան:

Այդ իսկ պատճառով մեր պաշտպանուածութիւնը մեր ազգային անփոխարինելի անվտանգութեան ռազմավարութեան մէջ է. հետեւաբար, ինչ կ՛ուզեն` թող ըլլան տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական սադրանքները, կարեւորը մենք որոշենք, թէ մենք ի՛նչ կ՛ուզենք:

Այսուամենայնիւ, մենք համոզուած ենք, որ նոր Հայաստանի իշխանութիւնները, ի խնդիր Հայաստանի եւ հայութեան անվտանգութեան, այսօր ոչ միայն կառչած կը մնան արեան գնով ձեռք բերուած պատմական յաղթանակներուն` արցախեան հերոսական պատերազմի ընթացքին, այլեւ կը սպասենք, որ ատոնք ամրագրուին գետնի վրայ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած ազգային քաղաքական մարտավարութեամբ եւ գործօն դերակատարութեամբ, արցախեան ռազմաճակատներու վրայ արձանագրուած յաղթանակները քաղաքական միջազգային ճանաչումով եւ արդար կարգավիճակի մը լուծումով:

Վերջապէս, Սեւրի դաշնագրին վերադառնալով, իրապէս Սեւրի արծարծումը եւ հետապնդումը կը զօրացնէ Նախիջեւանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմաններուն ռազմաքաղաքական դիրքերը, կը զօրացնէ տուեալ սահմաններուն եւ լեռներուն վրայ դիրքերը պահող մեր բանակայինները, ազատամարտիկներուն կորովը, տրամադրութիւնները, կը յուշէ անոնց, որ իրենք առանձին չեն այդ սրբազան խրամատներուն մէջ, այլ իրենց թիկունքը կանգնած է համայն հայութիւնը եւ նոր Հայաստանը:

Արդարեւ, անժամանցելի են Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի հետեւեալ խօսքերը. «Մենակ ենք ու պէտք է ապաւինենք միայն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու, թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար»:

24.07.2018

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արձանին` Արամի Պատգամը

0
0

Դեռ շատ բան կարելի է գրել արդէն իսկ էջեր գրաւած ՄԱՐԴՈՒՆ արձանին մասին, որուն բացման հանդիսութիւնը կատարուեցաւ յուլիս 17-ին:

Ի վերջոյ, պարզ անձնաւորութիւն մը չէր այդ ՄԱՐԴԸ, որուն շատ բան կը պարտինք` հակառակ ոչ իսկ կէս դար ապրած ըլլալուն:

Ո՞վ է այդ ՄԱՐԴԸ, որուն ետին հարցադրումը կը շարունակուի: Ո՞վ է այդ ազգային տիպարը, որ կ՛արտացոլացնէ «Ո՞վ է դաշնակցականը»-ի այդ համեստ, խոնարհ, խիզախ ու վեհանձն տիպարը:

ՄԱՐԴԸ Սերգէյն է… Արամը, որուն մահուան հարիւրամեակը պիտի նշուի քանի մը ամիսէն, յառաջիկայ յունուար 29-ին: Այդպիսի տարելիցներու սպասման կարիքը չկայ յիշելու, վերարժեւորելու կամ յետմահու մետալ շնորհելու այս ՄԱՐԴՈՒՆ:

Առողջութեամբ բոլորովին տկարացած եւ բծաւոր տիֆէ վարակուած, համեստ պայմաններու տակ, իր երդիքին տակ երկար ժամանակ անկողինի ծառայած, ան առյաւէտ փակեց աչքերը` իր ետին ձգելով ժառանգ մը, որ կարելի չէ տեսնել, դիտել ու շօշափել: Այլ շատ աւելի խոր է անոր ձգած ժառանգը` զգացական, հոգեբանական, թէ համահայկական, մանաւանդ որ ան Հայաստանի Ա. հանրապետութեան կերտիչն ու հայոց պետականութեան վերականգնման մղիչ ուժն ու հիմնադիրն է: Ա. հանրապետութիւն մը, առանց որուն` կարելի չէր ունենալ ներկայ կացութիւնը, իրավիճակը, խորհրդային եւ ապա յետխորհրդային վերանկախացած Հայաստանը:

Անոր նկարագիրն ու գործելաձեւը կ՛ապացուցեն, որ հայ ժողովուրդի կենսունակութեան եւ ազգային-հասարակական միասնութեան սիրոյն, ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար գործած ու պայքարած ՄԱՐԴԸ պիտի նախընտրէր յիշատակուիլ անծանօթ զինուորի մը յուշարձանով: Այո՛, այդպէս էր ՄԱՐԴԸ` Արամը, Հայաստանն ու հայութիւնը, համահայկական ու հասարակաց շահի պաշտպանութիւնը ամէն բանէ վեր դասող այս տիպարը: Բնաւորութիւն մը, գործելաձեւ մը, սլացք մը, որ պարզ ու մեկին «Ո՞վ է դաշնակցականը»-ի հնոցին մէջ թրծուած տիպարը:

Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ, գրեթէ տարի մը առաջ, որոշուած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի տօնակատարութեան առթիւ, Հանրապետութեան հրապարակին մօտ` Արամի եւ Նալպանտեան փողոցներու խաչմերուկին յարող տարածքին զետեղել այս կոթողը:

Մետալազուրկ է ՄԱՐԴՈՒՆ արձանը, որ եռագոյնով պատուած` իր աչքերը յառած է Հանրապետութեան հրապարակ` հանրապետութիւն, այսինքն ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ:

Եւ դեռ շատ պիտի ներշնչուի, ոգեւորուի եւ տոգորուի  այցելու ակնդիրը:

Այսպէս է «Ո՞վ է դաշնակցականը»-ի տիպարի ներկայացուցիչ Արամի արձանը` ՄԱՐԴՈՒՆ պատգամը:

Viewing all 12041 articles
Browse latest View live