Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12041 articles
Browse latest View live

Դիմաւորել 100-ամեակը – 21. Վաղը Գիրքի Վերածուելիք Պատմութիւնը Այսօ՛ր Կը Գրուի

0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ուստի եկէ՛ք, յառաջ ընթանանք միասին
մեր հաւաքական ուժով*:

13 մայիս 1940,Սըր Ուինսթըն Չըրչըլ

Ազգերու եւ ժողովուրդներու անցած ճանապարհին վրայ կը գտնուինք մենք, մարդիկ, ազգեր, երկիրներ:

Պատմութեան բեմին վրայ մնացած են այն ժողովուրդները եւ ազգերը, որոնք հաւատացած են մարդկային եւ բարոյական արժէքներու, որոնց համար գիտցած են պայքարիլ, այսինքն` գիտցած են յանձնառութիւն ստանձնել եւ միանալ: Այդպէս պիտի ըլլայ վաղը, ներկայի անարդարութիւնները երբ յաղթահարուին:

Միանալ` ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի, այլ յաւելեալ պարտականութեան համար:

Երկրորդ աշխարհամարտը պատկերազարդ պատմութիւնն է բանաստեղծի բանաձեւումին, մարդուն ոճիրը մարդուն դէմ (Սիամանթօ): Մոռցա՞նք, որ այդ աշխարհամարտը պատճառ եղաւ վաթսուն միլիոն անձերու մահուան:Կարծէք սոսկ յիշատակ դարձած են դէպքերը, աւերները, մահերը` թիւ եւ թուանշան: Իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն, ժողովուրդ, ազգ, կը գտնուի պատմութեան յորձանքին մէջ, վկայութիւն ըլլալէ առաջ:

Եղիշէ Չարենց Ուինսթըն Չըրչըլ չէր, ամբողջ աշխարհին ծանօթ չէ իր անունը,բայց անկէ առաջ ըսած էր. Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է: Դաշնակից երկիրներու բանակները քայքայուած էին:Նացիական Գերմանիոյ յաղթական բանակներուն դէմ առանձին մնացած էր Անգլիան` Միացեալ Թագաւորութիւնը: Տեղի տալով եւ նահանջելով խաղաղութեան հասնելու դիւանակալ քաղաքագէտներու աւանդական ջատագովներուն դէմ եւ հակառակ տիրող մթնոլորտին, Ուինսթըն Չըրչըլ հաւաքական ուժով ընդդիմանալու ճառ մը արտասանեց եւ ժողովուրդը լսեց զինք:

Այդ ճառը իւրաքանչիւր քաղաքագէտի համար դպրոց է: Նաեւ` հայ: Արդարեւ, այդ ճառը կը սորվեցնէ մարդուն, քաղաքացիին եւ ազգին համար կարգ մը էական արժէքներ:

Լեհաստանէն ետք, Հոլանտան, Պելճիգան եւ Ֆրանսան գրաւուած էին գերմանական բանակներուն կողմէ: Անգլիան առանձին մնացած էր: Ուինսթըն Չըրչըլ, իրաւութիւն պահանջող այդ պահուն, գիտցաւ միասնական հաղորդութեան առաջնորդել ժողովուրդը, վասն արժէքներու պաշտպանութեան, տոկալու եւ տեւելու կամքով միացում ստեղծեց: Յոռեգոյնի խոստումով դիմեց ժողովուրդին:

Ազգերու վերականգնումի պատմութեան մէջ կը յայտնուին արտակարգ անձնաւորութիւններ, սովորաբար կ՛ըսենք` նախախնամական, providentiel: Տեղ մը Ուինսթըն Չըրչըլ, այլ տեղ զօրավար Շարլ տը Կոլ կամ` Մահաթմա Կանտի:

Երեւակայեցէ՛ք, որ այսօր, ղեկավար մը, ուր ալ ըլլայ ան, ըսէ թէ ձեզի կը խոստանամ միայն արիւն, ցաւ, արցունք եւ քրտինք, ինչպէս ըսաւ Ուինսթըն Չըրչըլ: Երբ կամքերը ջրդեղող ղեկավարը չկայ, մարդիկ փուլ կու գան: Մեր օրերու գաղթականական հոսքերը միթէ՞ այսպէս չեն բացատրուիր: Պարզ էր. հայրենիքը լաւ օրերու հանգստավայր չէր, հարկ էր զայն պաշտպանել: Նոյնիսկ թագաւորական ընտանիքը, ապահովական պատճառներով, չլքեց երկիրը: Երկիրը լքել`որուն համար մենք հնարած ենք արտագաղթ բառը, անոր ընկերացնելով արդարացումներ:

Ուինսթըն Չըրչըիլ հանդիսացաւ կողմերէն եւ նախասիրութիւններէն վեր կանգնած ղեկավարը, որ իր ժովովուրդին ըսաւ. «Ուստի եկէ՛ք, յառաջ ընթանա՛նք միասին` մեր հաւաքական ուժով»:

Անգլիոյ պատմութիւնը կամ անոր յամառ մարտունակութիւնը գովերգելու պարտականութիւն չեմ տար ես ինծի: Այնքա՜ն մասնագէտներ կան: Բայց ինչո՞ւ չմտածել այն մասին, թէ ինչո՞ւ մեր ազգի դէմ ծառացած դժուարութիւններուն կուրծք տալու համար չյաջողեցանք եւ չենք յաջողիր կրկնել Չըրչըլի խօսքը եւ չենք հետեւիր անգլիացիին օրինակին. «Ուստի եկէ՛ք, յառաջ ընթանա՛նք միասին` մեր հաւաքական ուժով»: Կարծէք մեր ժողովուրդին համար «միասին ընթանալ»-ը կեանքի բառ չէ, այլ միայն զբօսաշրջային զուարճութիւն կամ ընթացիկ շահերու պաշտպանութիւն:

Չարենցի «հաւաքական ուժով միակ փրկութեան» երազը կամ ճառը ինչո՞ւ բեմերէն չգոռացինք եւ չկենսագործեցինք մեր անհատական եւ ազգային կեանքին մէջ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Ըսող եղա՞ւ, որ չլսողի մասին խօսինք: Բայց ինչպէ՞ս ընթանալ միասին, երբ այնքա՜ն անհատապաշտ ենք` Հայաստան եւ (սփիւռք)ներ: Եթէ այդքան անհատապաշտ չըլլայինք, հանրային-ազգային հարստութիւնը արագօրէն անհատական սեփականութիւն չէր դառնար, հարստացնելով մին, թշուառացնելով միւսը, թերաճ երկիրներու պատկերով, ինչպէս յաճախ կը յայտարարուի, հարիւրեակ մը անձերու եւ ընտանիքներու ձեռքին մէջ չէր կեդրոնանար երկրին հարստութիւնը, չէր հաստատուեր մենաշնորհներու դրութիւն, մանր եւ մեծ կաշառակերութիւնը համակարգի – système – չէր վերածուեր:

Միասնաբար եւ «միասին ընթանալ»-ու համար իտէալ պէտք էր տրուած ըլլար ժողովուրդին, ղեկավարութիւններ, մեծերը եւ փոքրերը, ոչ թէ խօսքով, այլ անձին օրինակով, իտէալ պէտք էր տային: Ոչ ոք բողոքեց, որ ինքնաշարժ մը երբ նուէր կը տրուի, ան նուէր չ՛ըլլար, այլ կ՛ըլլայ կաշառք, ինչպէս սովորութիւն է ըսել` կոռուպցիա: Իսկ անկուշտ սակաւապետութիւնը, ներսը եւ դուրսը, անհաւասարութիւններու դառնութիւնը մշակեց` խոչնդոտելով միասին ընթանալու կենսական անհրաժեշտութիւնը:

Եթէ նուազ ըլլար անհաւասարութեան դառնութիւնը, հայրենալքումը զանգուածային բնոյթ չէր ունենար: Եթէ այսպէս կոչուած վերնախաւը ինք չտար օրինակը այլ երկինքներու տակ ապահովութիւն փնտռելու իր անձին եւ իր դրամագլուխին համար, «միասին ընթանալ» աւելի հեշտ կ՛ըլլար, միասին մնացած կ՛ըլլայինք:

Ուինսթըն Չըրչըլի 13 մայիս 1940-ի ճառը եթէ ուսուցուէր մեր դպրոցներուն եւ ակումբներուն մէջ, եթէ մեր ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի կայանները երբեմն այդ սփռէին, եթէ մեր մամուլը մեծ տօներու առիթով այդ ճառը հրատարակէր, ազգովին կը հասկնայինք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ԴԻՄԱԴՐԵԼ, ՏՈԿԱԼ ԵՒ ՏԵՒԵԼ, ձեռքէ չհանելու համար ինքնութիւնը, բանաստեղծին «մեզ հայ են ասում»-ը սոսկ գեղեցիկ խօսք չէր ըլլար:

Յոբելեանները Բաբելոնի կամ Նինուէի գեղեցիկ յիշատակ առկախ պարտէզները կ՛ըլլան, եթէ ներկայով չիմաստաւորուին: Այսինքն ազգ, հանրապետութիւն, անկախութիւն կը տեւեն «միասին ընթանալով»:

Ինչպէ՞ս կարելի է «միասին ընթանալ», երբ մեզի հետ չենք կրեր արժէքներու բարոյամշակութային համակարգը, անձնատուր կ՛ըլլանք հայրենալքման եւ հայրենիքը կը համարենք հեռաւոր աշխարհի սրբապատկեր, icon: Իմաստութիւն կը համարենք լքումները, հայը մղելով ծագումով հայ, բայց այլ ըլլալու ընթացքին:

Յաղթանակի հասնելու համար Ուինսթըն Չըրչըլ իր ժողովուրդին խոստացաւ  արիւն, տքնանք, աշխատանք, արցունք եւ քրտինք, եզրակացնելով` որ առանց յաղթանակի  վերապրում չկայ, (without victory there is no survival):

Այս պէտք է ըսուէր եւ ըսուի մեր ժողովուրդին, Հայաստաններ եւ սփիւռք(ներ), որպէսզի շաբաթավերջի խրախճանքները եւ երգահանդէսները, չտեսի ապարանքները չփոխարինէին եւ չփոխարինեն ազգային քաղաքականութիւնը, եւ բարեսիրութիւնները` ազատագրական պայքարը:

«Միասին ընթանալ» կարելի է միասին ըլլալով, ոչ բաժան բաժան` մոլորակի երեսին, ոչ ալ Հայաստաններու մէջ:

Ժողովուրդ եւ ղեկավարութիւններ, եթէ ատակ ըլլայինք աշակերտելու մեծերու գաղափարներուն…

27 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

———————————-

* Come then, let us go forward together with our united strength. W. Churchill, 13 may 1940.


Բոլոր Շրջանաւարտներուն` Հրաւէր Դերակատարութեան Եւ Գործօն Մասնակցութեան

0
0

Մայիս եւ յունիս ամիսները առհասարակ ուրախութիւն կ՛առթեն Լիբանանի ծնողներուն համար, որոնք ականատես կ՛ըլլան իրենց զաւակներուն շրջանաւարտութեան:

Ուրախ է նաեւ հայ ծնողքը, որ տարիներու իր զոհողութիւնները արգասաւորուած կը տեսնէ, երբ զաւակը կը բարձրանայ բեմ` ստանալու համար իր վկայականը:

Լիբանանի մէջ գործող հայկական վարժարաններէ տասնեակներով աշակերտներ կը ստանան երկրորդականի իրենց վկայականները եւ կը ծրագրեն մուտք գործել համալսարանական կրթութեան հիմնարկներ` շարունակելու համար իրենց բարձրագոյն ուսումը: Ոչ հայկական վարժարանի շրջանաւարտ հայ աշակերտներ եւս կը բռնեն համալսարանի ճամբան:

Նոյն ձեւով, հայկական կամ ոչ հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ աշակերտներ, աւարտած ըլլալով համալսարանական իրենց կրթութիւնը, կը ստանան համալսարանական վկայական ու կը նետուին կեանքի ասպարէզ:

Ամէն տարի կրկնուող երեւոյթներ, որոնք առիթ կու տան Լիբանանի հայութեան արդարօրէն հպարտանալու իր զաւակներուն յաջողութեամբ:

Հայ ծնողքը ուրախ է ու հպարտ առաջին հերթին: Գոհ է բնականաբար, որ տարիներու ճակտի քրտինքով իր վաստակածը դրած ըլլալով իր զաւկին կրթութեան գանձանակին մէջ, այսօր կրնայ առնել անոր բարոյական փոխարժէքը:

Գոհ են եւ ուրախ բնականաբար հայ դպրոցը, ուսուցիչը, ազգային կեանքին մէջ դերակատարութիւն վերցուցած անհատը, բարերարը, միութիւններ թէ ֆոնտեր, որոնք այս ձեւով վարձահատոյց կ՛ըլլան իրենց տարած աշխատանքին:

Ու գոհ է վստահաբար երկրորդականէն շրջանաւարտ աշակերտը, որ մուտք կը գործէ համալսարան եւ համալսարանէն շրջանաւարտ ուսանողը, որ մուտք կը գործէ կեանքի ասպարէզ: Վերջին հաշուով ան իր յարատեւ աշխատանքով յաղթանակ մը արձանագրած է:

***

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով 15 յունիսին ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն միանալու իրենց ուխտը կատարեցին 69 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ:

Կրնայ պատահիլ, որ այս մէկը զուգադիպութեամբ է, որ կը կատարուի յունիսին:

Թերեւս, Հնչակեան թէ Ռամկավար կուսակցութիւններն ալ իրենց շարքերուն միացող երիտասարդներու երդումը ընդունեցին կամ կ՛ընդունին հետագային:

Բայց ի՞նչ կապ շրջանաւարտութեան եւ կուսակցական երդումին միջեւ:

***

Դպրոցական թէ համալսարանական վկայականները եթէ բնական պայմաններու մէջ եւ շատ գործնապաշտ ըմբռնողութեամբ ուսում ստացած ըլլալու եւ գործ գտնելու «անցագիրեր» են, մեր, ազգային ըմբռնողութեամբ անձնական յաջողութիւնը հաւաքականութեան նուիրելու եւ հաւաքական գործելադաշտին մէջ ներդրելու միջոց են միաժամանակ:

Երկրորդականի կամ համալսարանի վկայականները անհրաժեշտ են գիտութեան զարգացման այս փուլին, սակայն կը մնան զուտ անձնական յաջողութեան եւ զարգացման սահմաններուն մէջ, եթէ անոնք չդրուին ազգային հաւաքական կեանքի հսկայ կաթսային մէջ ու չնպաստեն մեր հաւաքականութեան, սկսելու համար` Լիբանանի հայութեան զարգացման, նոր հորիզոններու փնտռտուքին, նոր նուաճումներու արձանագրութեան: Այլ խօսքով` այդ վկայականներու տէր երիտասարդները, որոնցմէ շատեր արժանացած են մեր ազգային կառոյցներու թէ անհատ բարերարներու օժանդակութեան, պարտին իրենց դերակատարութիւնը (եթէ կը խրտչեցնէ ծառայութիւն հասկացողութիւնը) ունենալ մեր հաւաքականութեան ազգային, ընկերային, բարեսիրական, երիտասարդական, մշակութային, մարզական, կենցաղային ու քաղաքական կեանքի տարբեր ոլորտներու հզօրացման:

Վկայականը անձնական փաստաթուղթ կը մնայ, երբ կը գործածէ զայն «ես» անձը:

Նոյն այդ վկայականը հաւաքական ուժի կը վերածուի, երբ անոր տիրացողը զայն կը դնէ «մենք»-ի ըմբռնողութեան մէջ` ինք եւս մաս կազմելով այդ «մենք»-ին:

Զուր տեղը չէր, որ տուինք երդման արարողութեան օրինակը: Ոչ ալ կուսակցական քարոզչութիւն ուզեցինք կատարել:

Հիմնանպատակը` մասնակցութիւնն է: Դերակատարութիւն վերցնելու հրամայականը:

Հեռուէն դիտելը, մատի ծայրով հարցերուն մօտենալն ու պատրուակներ առաջ բերելը դիւրին ընտրանք է:

Կարեւորը գործօն մասնակցութիւնն է այսօր: Անցեալին թէ ներկայիս վկայականներու արժանացած մեր երիտասարդները, ուսանողները, շրջանաւարտները լաւագոյնս կ՛արժեւորեն իրենց վկայականներն ու իրենց ծնողներուն բաղձանքը, կամ զիրենք վկայականի հասցուցած կառոյցները, երբ կու գան միանալու մեր հանրային կեանքին:

Իւրաքանչիւրը` իր նախընտրած միութեան:

Իւրաքանչիւրը` իր համոզումներուն համահունչ կազմակերպութեան:

Իւրաքանչիւրը` իր հաւատացած քաղաքական-գաղափարական սկզբունքները դաւանող կուսակցութեան:

Բայց անպայման, հայ վկայեալ անհատը պէտք է ըլլայ տեղ մը:

Ազգային մեր արժէքները համախմբող եւ արտայայտող տեղ մը:

Հայաշունչ տեղ մը, որեւէ տեղ, ուր ինքզինք կրնայ արտայայտել, իր գաղափարներուն եւ բաղձանքներուն դրսեւորում տալ:

Տեղ մը, որուն միջոցով կը զօրանայ ինք ու իրեն հետ իր շրջապատը:

Տեղ մը, ուր աւելի ուժեղ կը դառնայ ինք, երբ ուժեղ է Լիբանանի հայութիւնը:

 

 

Ակնարկ. Ռազմաթատերական Ներկայացումներ Եւ Նկարահանումներ

0
0

Պաքուի  պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական բաժանմունքը աշխուժացուցած է ապատեղեկատուական արտադրութիւններու թափը եւ անվերջ կը խօսի նոր տարածքներ վերահսկելու նպատակով իրականացուած գործողութիւններու յաջողութիւններուն մասին:

«Վերջին տարիներուն զինուորական կարողականութիւնը էականօրէն ընդլայնուած է  եւ հիմնովին փոխուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ազրպէյճանի միջեւ զինուորական հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ մեզի», յայտարարած էր պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը:

Հասանովը նաեւ ըսած էր, որ ազրպէյճանական բանակը արդէն կը վերահսկէ Լաչին տանող ճանապարհը: Պարզ է, որ հայկական կողմի համապատասխան բաժանմունքներու պաշտօնական տեղեկատուութիւնները նման յերիւրանքները որակեցին ամբողջովին իրականութեան չհամապատասխանող ապատեղեկատուութիւն:

Մինչ, Արցախի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ բացի հրադադարի հետեւողական խախտումներէն, պաշտպանութեան բանակի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ 17 յունիսին` ժամը 21:45-ի սահմաններուն, հակառակորդը Ակնայի ուղղութեամբ դիմած է հետախուզական ներթափանցման փորձի: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ անձնակազմին կողմէ ձեռնարկուած կանխարգելիչ գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք 6 հոգիէ բաղկացած ազրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու խումբը ետ շպրտուած է:

Շաբթուան ընթացքին, բացի վերոնշեալէն, շփման գիծի յարակից շարք մը տարածքներու մէջ հակառակորդը շարունակած է իրականացնել սպառազինութեան եւ ռազմական մեքենաներու աշխուժ տեղաշարժեր:

Արցախի զինուած ուժերու յառաջապահ ստորաբաժանումներն ու մարտավարական-հետախուզական ապահովման ծառայութիւնները աչալրջօրէն վերահսկած են եւ կը շարունակեն վերահսկել առաջնագիծի ողջ երկայնքով ստեղծուած արտակարգ իրավիճակը եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը դիմեն համապատասխան գործողութիւններու:

Ուրեմն, պատահածները  այն են, որ շփման գիծի երկայնքով ազրպէյճանական զօրքերը կ՛իրականացնեն աշխուժ տեղաշարժեր, կուտակումներ. զուգահեռ` Պաքուի բարձրագոյն օղակներէն կը հնչեն յայտարարութիւններ լայնածաւալ պատերազմի սկսման եւ անոր իբրեւ նախապատրաստութիւն նախիջեւանեան եւ արցախեան ճակատներու ուղղութեամբ տարածքներ «ապագրաւելու» նպատակով իրականացուող գործողութիւններու յաջողութեան մասին:

Դժուար է միանշանակ հետեւութիւն ընելն ու մեկնաբանելը, թէ ինչու Պաքուն պատերազմի կեղծ գործողութիւններ ձեռնարկած է: Եթէ ընդունինք, որ Պաքուի պետութեան բնորոշ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը ներքին սպառման առաջնային առաջադրանք ունեցած է, այս պարագային եւս Պաքուի ներհասարակական իրավիճակի թէժացման նախադրեալներու հասունացման չէզոքացումով կարելի է բացատրել նման կեղծ տեղաշարժերու ձեռնարկելը: Աւելի լայն առումով` ռուս-թրքական մերձեցմամբ կամ Քրեմլինէն դէպի Ուաշինկթըն  ուղղուած երկխօսութեան նշաններու ընկալմամբ սթաթիւս քոյի փոփոխութեան հաւանականութեան նախապատրաստուելու ընդառաջ քայլեր առնելու:

Եւս մէկ հաւանական մեկնաբանութիւն. Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստին առիթով կայացած մամլոյ ասուլիսին եւ անոր հետեւած հաղորդագրութեան մէջ շրջանցուած է արցախեան հակամարտութեան թեման, մինչ վերահաստատուած էր Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը` աջակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Եւրոպական Միութիւնը կը յորդորէր կողմերուն ներգրաւուիլ այս գործընթացին առանց որեւէ նախապայմանի:

Բնականաբար նախապայմանը այստեղ առաջին հերթին կը վերաբերի արցախեան հակամարտութեան: Իսկ պարզ է, որ մեր երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը արժանացած է Եւրոպական Միութեան մօտ դրական հրապարակային արձագանգումներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած բոլոր ուղղութիւններով համագործակցութիւնը խորացնելու եւրոպական պաշտօնական կեցուածքներուն: Պարզ է, որ Պաքուն անհանգիստ է Երեւան-Անգարա առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ ներգրաւուելու յորդորներէն:

Այժմ, գետնի վրայ իրողութիւնը այն է, որ շփման գիծի երկայնքով եւ նախիջեւանեան ուղղութեամբ կան ռազմական կուտակումներ, տեղաշարժներ եւ ազրպէյճանական սեփական տարածքներու վրայ «ապագրաւման» կեղծ գործողութիւններու բեմականացումներ եւ նկարահանումներ:

«Ա.»

«Ամէն Պահի Կրնան Ռազմական Գործողութիւններ Սկսիլ» Ռազմական Փորձագէտ Ա. Եղիազարեան Զաքիր Հասանովի Յայտարարութեան Վերաբերեալ

0
0

Ռազմական փորձագէտ Արթուր Եղիազարեանի համաձայն, Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը միշտ ալ յայտնի է իր ամպագոռգոռ յայտարարութիւններով, սակայն ատիկա, ըստ անոր, մեզի իրաւունք չի վերապահեր, որ որեւէ յայտարարութեան վերաբերինք` ուղղակի որպէս խօսք: Ան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց. «Պատերազմ սկսելու մասին յայտարարութիւններով գուցէ Ազրպէյճան իր ներքին սպառման խնդիրը կը լուծէ, բայց ամէն պարագայի, պէտք է հաշուի առնենք` կայ հրապարակային ըսուած խօսք, որ պէտք չէ անտեսուի»:

«Կը կարծեմ` ոչ միայն բանակը պէտք է լաւ պատրաստ ըլլայ, եթէ հակառակորդը փորձէ որոշ գործողութիւններ իրականացնել, այլ նաեւ պէտք է, որ դիւանագիտական ճամբով փորձենք այդ գործողութիւններուն պատասխանել հնարաւոր բոլոր հարթակներով», ըսաւ ան:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտարարած էր, թէ նախագահ Իլհամ Ալիեւը իրենց պարտականութիւն տուած է ապահովել բանակին պատրաստուածութիւնը իրական ռազմական գործողութիւններուն:

«Մեր նպատակն է նախապատրաստել բանակը պատերազմի համար, եւ այսօր ազրպէյճանական բանակը արդէն պատրաստ է ազատագրել գրաւուած տարածքները: Բանակը պատրաստ է նաեւ հոգեբանօրէն», ըսած է Հասանով` թուարկելով վերջին շրջանին ազրպէյճանական զինուժի «ձեռքբերումները»: Հասանով, մասնաւորապէս, պնդած է, որ «ազատագրուած է 11 հազար հեկտար տարածք»:

Արթուր Եղիազարեանի խօսքով, պէտք է աշխարհին ներկայացնենք, որ մենք կողմ ենք Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման, բայց յստակ է` Ազրպէյճան կը փորձէ խոչընդոտել զայն:

Ըստ ռազմական փորձագէտին, չենք կրնար լրջութեամբ չմօտենալ Ազրպէյճանի յայտարարութիւններուն, որովհետեւ կը տեսնենք սահմաններուն մէջ զէնքերու եւ զինամթերքի կուտակումներ, զօրքերու որոշ տեղաշարժներ:

«Թերեւս ասոնք հնարքներ են: Բայց պէտք չէ մոռնանք, որ Ապրիլեան պատերազմէն առաջ ալ նման հնարքներու կը դիմէին եւ յանկարծակի անցան ռազմական գործողութեան: Այս է իրենց մարտավարութիւնը», ըսաւ ան` նշելով, որ անկեղծօրէն չի հաւատար, որ ազրպէյճանական կողմը ռազմական գործողութիւններու կը սկսի յայտարարութիւններէն անմիջապէս յետոյ. «Ազրպէյճան այն պետութիւնը չէ, որ յայտարարութենէն յետոյ ասպետական կերպով մօտենայ հարցին, կրնայ, ի հարկէ, նաեւ չյայտարարել եւ պատերազմի սկսիլ»:

Արթուր Եղիազարեան նկատել տուաւ, թէ կացութիւնը այնպէս ալ չէ, որ պատերազմը աւարտած է հայկական կողմին համար: «Որեւէ պահու կրնան ռազմական գործողութիւններու սկսիլ: Ակնյայտ կը տեսնենք` Հայաստանի հետ սահմաններու վրայ կուտակումներ կան, նախիջեւանեան կողմը չէզոք գօտիի հաշուին անոնք լուրջ տեղաշարժեր ըրած են, հիմա այնտեղ ամրաշինական աշխատանքներ կը կատարեն, եւ Արարատի մարզէն դէպի Սիւնիք տանող ճամբու որոշ հատուածներուն մէջ ռազմավարական առումներով սպառնալիքներ կան. եթէ վաղը պատերազմական գործողութիւններ ըլլան` բնականաբար, լուրջ վտանգ պիտի ստեղծուի», ըսաւ ռազմական փորձագէտը` աւելցնելով, որ հայկական կողմը այս պարագային պէտք է ե՛ւ ռազմական, ե՛ւ դիւանագիտական գործողութիւններ իրականացնէ` խաղաղութիւն ապահովելու համար:

Արթուր Եղիազարեանի դիտարկմամբ`  հայկական դիւանագիտական կառոյցին կողմէ այս ուղղութեամբ տարուող լուրջ քայլեր չեն նկատուիր:

«Գոնէ հանրութեան տեսանելի հարթակի վրայ նման աշխատանք», ըսաւ ան:

Իսկ ինչ կը վերաբերի բանակին, փորձագէտին կարծիքով. «Զինուորական գործը այնպիսին է, որ պէտք չէ հրապարակային երեւայ, որովհետեւ ինքզինք կը վտանգէ: Բայց, ամէն պարագային, կը կարծեմ` մեր զգօնութիւնը ամէն առումով պէտք է աւելցնել: Նոյնիսկ պէտք է պահեստազօրի կազմակերպման գործողութիւններ իրականացնել` պատրաստուելու համար», ըսաւ ան:

Արթուր Եղիազարեանի համաձայն, այս պահուն առաջին հերթին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին պէտք է դիմել, պէտք է անոնցմէ արձագանգ ակնկալել Ազրպէյճանի ներկայ յայտարարութիւններուն վերաբերեալ:

Արձագանգելով այն դիտարկման, թէ ի՛նչ արդիւնք կու տայ հայկական դիւանագիտական աշխատանքը, եթէ այնուամենայնիւ երկիրները իրենց շահերով առաջնորդուած են միշտ եւ հիմա ալ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը հերթական կանխատեսելի, անհասցէ յայտարարութիւններ կ՛ընէ, ռազմական փորձագէտը նշեց. «Մենք միջազգային ընտանիքի անդամ ենք եւ կը պահենք միջազգային սկզբունքները, բայց միշտ պէտք է հաշուի առնենք, որ առաջին հերթին մեր յոյսը մեր վրայ պէտք է դնենք: Բոլորը ունին իրենց շահերը, եւ այո՛, կրնան աչք փակել: Հայոց ցեղասպանութենէն անցած է հարիւր տարի, եւ հիմա ալ եզիտի ժողովուրդի ցեղասպանութիւն տեղի կ՛ունենայ, եւ աշխարհը, ինչպէս հարիւր տարի առաջ` իր շահերէն մեկնելով, այնպէս ալ հիմա, աչք կը փակէ: Սխալ կ՛ըլլայ, որ մենք ապաւինինք, որ միջազգային հանրութեան մէջ մեր հարցը կը լուծեն: Մենք պէտք է ուժեղ եւ յաղթող ըլլանք, իսկ յաղթողին ոչ թէ կը դատեն, այլ հետը հաշուի կը նստին», ըսաւ ան:

 

Անխուսափելի «Անկարելի Սէր»

0
0

ՅԱԿՈԲ ՀԱՆՏԵԱՆ

Յարութիւն Թորոսեանի «Անկարելի սէր» հատորը ամենայն հարազատութեամբ կը ներկայացնէ նորահաս երիտասարդ համալսարանականի մը կեանքը, որ կու գայ միջին արեւելեան պահպանողական մթնոլորտով յագեցած ընկերութենէ մը` Լիբանանէն, ուր երիտասարդական սիրահարական առաջին փորձառութիւնները կը ներկայացուին զսպուածութեամբ: Ինչպէս կը կարդանք Յարութիւնի եւ Անիի ծանօթութեան եւ հանդիպումներուն մասին, որ նոր չէր, սակայն Ֆրանսա չմեկնած` վերջին ամառը կ՛ըլլան միասին գիւղը. «Երկու օր ետք դրոշմուեցաւ Յարութիւնի եւ Անիի առաջին սիրոյ համբոյրը»: Միասնաբար, երբ բնութեան մէջ Յարութիւնի նախընտրած եւ սիրած վայրը կը գտնուէին, երբ ան կը վերջացնէր Անիի դիմանկարը գծելը, եւ Անի` հետաքրքրութենէն մղուած  կ՛ուզէր տեսնել, թէ ինչպէս գծած էր զինք ու կը մօտենայ Յարութիւնին` «Տեսնեմ, ինչի նմանցուցիր զիս… ըսաւ Անի ու նստած տեղէն ելլելով մօտեցաւ Յարութիւնին` շունչը տալով անոր դէմքին… Պահը հասունցած էր… գծագրութիւնը մէկ կողմ դնելով Յարութիւն համբուրեց Անիի աչքերը: Ան արդէն պառկած էր կռնակի վրայ ու գոցած աչքերը…

Անի յանձնուած էր երանութեան, սակայն Յարութիւն չէր համարձակեր համբոյրէն անդին երթալու…»:

Սակայն, հետագային, միեւնոյն երիտասարդը, նկարիչներու երկիր  եւ արուեստի կեդրոն Փարիզի մէջ պիտի շարունակէ արուեստի ճիւղին հետեւող իր համալսարանի կեանքը, ուր սիրահարական արկածախնդրութիւնները կը թուին ըլլալ շատ աւելի ինքնավստահ եւ ճոխ, միեւնոյն ժամանակ   ազատութեան պիտակին տակ  ընդունուած յարաբերութիւններու այս կեանքը մղոններով անդին պիտի հեռացնէ հաւատարմութիւնը իրմէ: Սիրոյ հասկացողութեան առաջին հիմնասիւնը հաւատարմութիւնն է, որուն վրայ պիտի կառուցուի երիտասարդ զոյգի մը սիրոյ պատմութիւնը, եթէ երբեք անոնք կ՛ուզեն արժեւորել զայն` կազմելով ընտանիք, որ պիտի երաշխաւորէ  կեանքի յարատեւումը, մարդկութեան գոյատեւումը եւ ինքնին պիտի ամբողջացնէ կեանքին իմաստը:

Պահպանողական ընկերութենէ եկող եւ ազատ ընկերութեան բոլոր բարիքները վայելող նկարիչ ուսանողը, որ իր կարգին ապրելով տարբեր սէրեր` տարբեր օրիորդներու հետ, նաեւ շատ լաւ գիտէր իսկական սիրոյ արժէքը, ինչ որ ի յայտ եկաւ, երբ հանդիպեցաւ Ժագլինին: Այս մէկը տարբերելով միւսներէն` ըլլալով իսկական սէր, կարող էր ինքզինք յարգել, տիրութիւն ընել զոյգին յարաբերութեան եւ երաշխաւորելով զայն` զոյգը պահել միասին, որքան որ Աստուած կեանք տուած է անոնց: Սակայն, եւրոպական ընկերութեան ազատ մթնոլորտը նոյնիսկ առիթը չստեղծեց պահպանողական ընկերութենէն եկող նկարչութեան ուսանողին, որ կարենար արտայայտել իր սէրը հանդէպ Ժագլինին, քաջ գիտնալով անոր առկայութիւնը: Թերեւս այստեղ իր մեծ ներգործութիւնը ունեցաւ անհատական հպարտութիւնը, այդ պատճառով ալ երբ ստեղծուեցան պատեհ առիթներ` բացայայտելու եւ բաժնեկցելու իրենց միջեւ ծնունդ առած սէրը, անոնք` անտեսելով առիթներու կարեւորութիւնը եւ տուրք տալով անհատական հպարտութեան, իսկական սէր մը վերածեցին անկարելի սիրոյ, որովհետեւ, կորսնցնելէ ետք ստեղծուած առիթները, կեանքի հեւքին պարտադրած իրականութիւնը առ յաւէտ հեռացուց նորերը, այնպէս մը, որ չհանդիպին իրարու եւ երբեք չմիանան:

Հեղինակը օգտագործած է երրորդ դէմքի դրութիւնը իր պատումին մէջ, երբ իր իսկ կեանքը կը ներկայացնէ, եւ այս երեւոյթը աւելի վէպի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ ընթերցողին վրայ, ուր անկեղծութիւնը, հարազատութիւնը եւ անմիջականութիւնը պատումը ընթերցելը կը դարձնեն աւելի հաճելի, եւ հերոսներուն զգացողութիւնը կարծես իր հարազատութեամբ կը փոխանցուի ընթերցողին:

Ընթերցողը կարծես իր հետաքրքրութենէն մղուած, չ՛ուզեր ձգել գիրքը, կարդալու համար յաւելեալ քանի մը էջեր եւս, տեսնելու, թէ ի՛նչ պիտի պատահի: Որովհետեւ, վայրերու նկարագրականը, ուր որ կը պատահի տուեալ դէպքը, այնքան հարազատ կը թուի ըլլալ ընթերցողին, կարծես ան անձամբ հոն ըլլար: Եւ անձերու ներկայացման ձեւն ու եղանակը կը պատեն ընթերցողը այն զգացումով, որ անոնք ըլլային իր իսկ ընկերակիցները եւ իրադարձութիւններուն բաժնեկիցները:

Միջինարեւելեան միջավայրին մէջ հասակ առած երիտասարդին վերաբերմունքը իր ունեցած սիրոյն հանդէպ, կ՛ամրագրուի հաւատարմութեամբ, ինքնազսպուածութեամբ եւ անոր սրբութեան հաւատքով: Սակայն, իր ծննդավայրին մէջ ապրած հիասթափութիւնն է, որ Յարութիւնը պիտի առաջնորդէ դէպի եւրոպական ընկերութեան ազատութեան գիրկը, ապրելու իր կեանքը ճիշդ այնպէս, ինչպէս, որ կ՛ապրին եւրոպացիք` ազատ եւ անկաշկանդ:

Այսպէս, «հազիւ դպրոցական տարեշրջանը աւարտած, Յարութիւն մեկնեցաւ Լիբանան տեսնելու Անին եւ ծնողները: Սակայն քրոջմէ լսեց, որ Անին ծանօթացած էր ուրիշ մէկու մը:

Յուսախաբութիւնը մեծ եղաւ, չկրցաւ իր ցաւը արտայայտել ոեւէ անձի»: «Փարիզեան ժուժկալութիւնը, ինքնազսպումը զուր էին անցած: Զգուշացած էր ծանօթանալ ոեւէ աղջկայ` հակառակ բազմաթիւ առիթներու, հաւատարիմ մնալու համար Անիին: Տառապած  էր լռելեայն: Կարօտի պահերը եղած էին դաժան, բայց յաղթահարած էր ու զերծ մնացած  արկածախնդրութիւններէ: Վերադարձաւ Փարիզ պատրանաթափ: Նկարչութիւնը միայն կրնար մոռցնել տալ յուսախաբութիւնը»:

Յարութիւն վերջին անգամ հանդիպեցաւ Անիին, սակայն երկուստեք անհանգիստ հոգեվիճակի մէջ ըլլալով, ապարդիւն եղաւ: «Բաժնուեցան իրարմէ անորոշ հոգեվիճակով: Անին` լքուած ըլլալու զգացումով, Յարութիւն` դաւաճանուած ըլլալու իրողութեամբ: Երբ Փարիզ հասաւ, ան ամբողջութեամբ ազատ զգաց ինքզինք, տնօրինելու իր կեանքը, բոլոր Փարիզ ապրողներուն պէս»:

Յարութիւն կամովին ընտրեց, թէ ինչպիսի կեանք մը պիտի ապրի Փարիզի մէջ, ան գիտակցաբար մօտեցաւ կեանքին: Առաջին իսկ օրիորդին, որ ծանօթացաւ ան. «Սկիզբէն` Յարութիւն զգուշացուցած էր Եանիքը, որ իր նպատակը ազատ ըլլար էր. սիրային յարաբերութիւնները իրեն համար առիթ էին փոխուելու, նպատակ չունէր ամուսնանալու…»:

Յարութիւնին եւ Ժագլինի փոխադարձ զգացումները առաջին իսկ նայուածքէն եւ հանդիպումէն կարծես ըլլային նախախնամութեան արգասիքը, որ կը զգենուր ըլլալ իսկական սէր: «Յարութիւն նկատած էր Ժագլինը, երբ նոր էր հասած Փարիզ, բայց չտեսնել ձեւացուցած էր` զգալով, որ դժուար «պատառ» մըն էր ան: Իսկ Ժագլին առաջին իսկ տեսնելուն Յարութիւնը, զգացած էր, որ ան իր սրտին տէրն էր…»:

Յարութիւն, որ Փարիզի ազատ կեանքին յանձնուած, իր սիրային արկածախնդրութիւնները կ՛ապրէր հեզասահօրէն եւ յարատեւօրէն կ՛ունենար նոր ընկերուհիներ, երբ Ժագլինին հետ առանձին եղաւ, մեծ դժուարութիւն ունեցաւ արտասանելու իր խոստացածը, մինչ Ժագլին մեծ համբերութեամբ կ՛ուզէր լսել արդէն իր գիտցածը: «Որ ձեզ սիրած եմ առաջին իսկ տեսնելուս…,- հազիւ կրցաւ արտասանել Յարութիւն` դողացող շրթներով…»:

Յարութիւն եւ Ժագլին գացին մինչեւ ծայրայեղութիւն, իրենց միջեւ ստեղծուած սիրոյ նկատմամբ, որովհետեւ միշտ բարձր բռնելով իրենց անհատական «ես»-ը, կ՛անտեսէին զիրար, բայց միշտ հոգու խորքերէն ճիշդ հակառակը զգալով եւ ցանկալով:

Մարդկային հպարտութիւնը եւ աշխարհիկ հասկացողութիւնները չձգեցին, որ անոնք փոխադարձաբար ապրին իրենց միջեւ ստեղծուած մաքուր եւ իսկական սէրը, երկուքն ալ տառապեցան, իրենց հետ չարչրկելով նաեւ իրենց միջեւ ստեղծուած մաքուր եւ իսկական սէրը, որ վերջապէս դարձաւ անկարելի սէր: «Երկուքն ալ «հիւանդագին» կերպով զիրար կը սիրէին ու չէին յաջողեր ելք գտնել: Առանձնութեան մէջ կը տառապէին… կ՛երազէին… կ՛ապրէին…»:

Յարութիւնի եւ Ժագլինի  միջեւ եղած սէրը իսկական, հարազատ եւ մաքուր սէր էր այն աստիճան, որ երբ կ՛առաջարկուի Յարութիւնին Շաւիլի Հայոց առաքելական Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ խորանին համար գծել եւ պատրաստել Սուրբ Աստուածամօր նկարը, գիրկը Յիսուս մանուկը, ան կը մտածէ. «Ժագլինի աչքերն ու դէմքի արտայայտութիւնը գոց գիտէր, բազմաթիւ անգամներ գծած էր, սակայն կը մնար գիրկը դնել մանուկ Յիսուսը, որ պէտք է նմանէր իր մանկութեան նկարներէն մէկուն…: «Ժագլինին գիրկին մէջ մանուկ մը» ինքնիրեն ըսաւ, ծիծաղելով…»: Մինչեւ այսօր կարող ենք տեսնել Աստուածամօր այս պատկերը, գիրկը Յիսուս մանուկը, Շաւիլի Հայոց առաքելական Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ խորանին զետեղուած:

Ստեղծուած սէրը այնքան զօրաւոր է, որ, միախառնուելով անհատականութեան եսակեդրոն զգացումներուն հետ, յարատեւ ժայթքումներու եւ կարծրատիպ պոռթկումներու առիթ ստեղծեց, որ իր կարգին վնաս հասցնելով զոյգին միջեւ եղած սիրոյն եւ ստեղծուելիք յարաբերութեան եւ վերաբերմունքին, տարաւ զիրենք դէպի ծայրայեղութիւն. «Ժագլին չկրցաւ ծունկի բերել Յարութիւնը…: Փոխարէնը արիւնը չորցաւ երակներուն մէջ, տեսնելով անտարբերութիւնը անոր»:

Այսպէս, Ժագլին իր էութեան եզրերուն հասնելով սկսաւ մտածել. «Եթէ իսկապէս սիրած ըլլար զիս, ծունկի պէտք է գար առջեւս… վրէ՞ժ կը լուծէր, ես ցոյց կու տամ իրեն…: Վերջ, վերջ ու վերջ… խե՛նթ ուրիշ մարդ չկա՞յ, որ այս անզգամին ետեւէն կը վազես…»: Սակայն, որովհետեւ ան իսկապէս կը սիրէր Յարութիւնը, շատ չանցած պիտի մտածէր.  «Բնական էր, որ Յարութիւն անզգամ ձեւանար»: Յարութիւն իրաւունք ունէր զիս պատժելու… «ի վերջոյ  այր մարդն ալ ունի իր արժանապատուութիւնը…»:

Յարութիւն ականջ տալով իր բանականութեան եւ քիչ մըն ալ զսպելով իր զգացումները, սկսաւ մտածել կեանքի մասին, իր իրագործելիք նպատակներուն եւ ընդհանրապէս գոյութենականութեան մասին` ընկերութեան մէջ գրաւելով արժանավայել տեղ, օգտակար ըլլալով իր նմաններուն: Այլ խօսքով, ապրելու իրեն բաժին ինկած կեանքը, նման բոլոր ուրիշներուն, որուն իրագործման համար ինք եկած էր Փարիզ մասնագիտանալու նկարչութեան ասպարէզին մէջ եւ իրականացնելու վերոնշեալները: Առ այդ, Յարութիւն, մտածեց. «Աւելի խոհեմ էր վերջ տալ այս անիմաստ «սրտերու կռիւ»-ին…»:

Եւ այսպէս, իսկական, հարազատ եւ մաքուր սէր մը ծնաւ զոյգի մը միջեւ, որ երբեք առիթ չունեցաւ մեծնալու, ինքզինք դրսեւորելու, առիթ չունեցաւ կեանքին իսկական իմաստը եւ քաղցրութիւնը տալու: Տակաւին իր գոյութեան առաջնագոյն փուլերուն անիկա դատապարտուեցաւ դառնալ «անկարելի սէր»:

2017             

Պետական Մրցանակակիր, Բանաստեղծ Եւ Նկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի Ծննդեան 85 Եւ Գործունէութեան 60-ամեակը

0
0

Համադրեց` Ս. Ա

Վաստակաշատ արուեստագէտ, արուեստի ու գեղանկարչութեան երկարամեայ դասախօս, հայկական ու օտար միջավայրի մէջ համբաւ կերտած եւ հայութեան անունը բարձր պահող, դրական տրամադրութիւն սփռող լաւատես խառնուածքով յատկանշուած, ընկերային, շուրջը գեղեցկութիւն սփռող ու ամէն ինչի մէջ գեղեցիկը տեսնելու տենչով օժտուած Յարութիւն Թորոսեանը այս տարի կը թեւակոխէ իր ծննդեան 85, իսկ բեղուն գործունէութեան 60-ամեակը:

Ծնած է Պէյրութ, 1933-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մեսրոպեան եւ Աբգարեան վարժարաններուն մէջ: 1951-1952 հետեւած է Վահէ Վահեանի գրականութեան դասընթացքներուն: 1953-1955 յաճախած է «Աքատեմի Լիպանեզ տէ Պոզար»: 1956-ին մեկնած է Փարիզ ու հետեւած École nationale supérieure des Beaux-Arts նկարչական, փորագրական եւ խճանկարչութեան դասընթացքներուն:

1956-1960 ուսումնասիրութիւններ կատարած է Լուվրի` Փարիզ, Փրատոյի` Սպանիա, Փիթթիի` Իտալիա թանգարաններուն մէջ եւ ճամբորդած եւրոպական երկիրներ:

1960-2014-ին տուած է անհատական 23 ցուցահանդէսներ Փարիզ, Միացեալ Նահանգներ, Պէյրութ եւ Երեւան: Մասնակցած է աւելի քան 50 միջազգային ցուցահանդէսներու, Փարիզի եւ Ալեքսանդրիայի արուեստի փառատօններուն:

Օրուան նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյմանի հետ

18 օգոստոս 2008, Արամ Ա. վեհափառ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի» շքանշանով կը պարգեւատրէ

Յարութիւն Թորոսեան հին դրամներու իր հաւաքածոն նուիրեց Արցախի թանգարանին

22 մայիս 2014, պարգեւատրում մշակոյթի նախարարութեան կողմէ

Ստացած է Սըրսոք թանգարանի 2-րդ մրցանակը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Ս. Մաշտոց» շքանշանը, Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան մրցանակը, Մեսրոպ Մաշտոց մատենադարանի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց մրցանակը, Պէյրութի միջազգային փառատօնի մրցանակը, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մրցանակը, Լիբանանցի նկարիչներու եւ արձանագործներու միութեան մրցանակը, Հայկազեան համալսարանի «Արուեստներ»-ու մրցանակը:

Հրատարակած է «Խոհեր կեանքի եւ արուեստի մասին», «Դիտանկիւնէս» եւ «Անկարելի սէր» հատորները: Գրած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ` արուեստի մասին:

Դասաւանդած է Լիբանանեան համալսարանի գեղարուեստից կաճառին, Լիբանանեան արուեստի հիմնարկին, Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, Հայկազեան համալսարանին եւ Համազգային հայագիտական բաժիններուն մէջ:

Գործերը կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Լիբանանի եւ Հայաստանի թանգարաններուն եւ անհատական հաւաքածոներուն մէջ:

2 փետրուար 2012, «Կալըրի Շահին», Յարութիւն Թորոսեանի նուիրուած յարգանքի ցուցահանդէս

1968-ին ֆրանսատառ «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» թերթը գրած է. «Յարութիւն Թորոսեան կը նկատուի մեր մեծագոյն նկարիչներէն»:

1960-ին Անտրէ  Վիպեր Փարիզի «Ժիւվինալ» թերթին մէջ գրած է. «Թորոսեան երիտասարդ նկարիչ, ծնունդով հայ, ստորագրած է իր «Զոյգը» պաստառը, որ թելադրող քաղցրութեան բացարձակ նմուշ մըն է: Բանաստեղծ-նկարիչ մը, որուն պէտք է հետեւիլ, քանի իր վրձինին տակ արդէն կը հոսին իր արժանիքները»:

Ինքնանկար

Մարտին Միքայէլեան` «Ազգ», 2 մարտ 2018 թիւին մէջ «Յարութիւն Թորոսեան Հայաստանի, Փարիզի եւ Պէյրութի միջեւ» յօդուածով գրած է. «Յարութիւնը առանձին մէկն է հայութեան մէջ: Եթէ անոր ամբողջ հասակով եւ էութեամբ տակաւին չեն զգար եւ չեն տեսներ Հայաստանի եւ սփիւռքի արուեստասէրները, ողբերգութիւն չէ, եւ բնական է: Մեր ժամանակներուն ուշադրութիւն կը գրաւեն բոլորովին ուրիշ երեւոյթներ եւ արժէքներ, որոնք «մեր մանկութեան շրջանին» գոյութիւն ունէին ստուերի մէջ միայն եւ չէինք նկատեր: Յարութիւնի կեանքին եւ արուեստին մէջ պարզորոշ կը ցոլայ այն հետաքրքրական ուղին, զորս անցած են հայկական գեղանկարչութիւնն ու քանդակագործութիւնը` 1950-էն 1990-ական թուականներուն: 1950-ականներու վերջաւորութեան Յարութիւնը զարգացած որեւէ երկրին մէջ կրնար ներկայացնել Հայաստանն ու հայութիւնը, իբրեւ հայութեան ճամբան եւ «արքայական լեզուն» իր մէջ խորապէս կրող մէկը ու նաեւ տեսքով` գեղեցիկ հայ տղամարդը: Հիմա ան ունի հարուստ կենսագրութիւն: Պաշտօնապէս գնահատուած է իբրեւ Լիբանանի ականաւոր արուեստագէտներէն մէկը, բազմաթիւ մրցանակներ շահած է, նկարչութիւն ուսանած է Պէյրութի եւ Փարիզի մէջ: Հայաստանի եւ Արցախի թանգարաններուն համար ան նուիրած է հին, հազուագիւտ, արժէքաւոր դրամներ: Ան 1970-1980-ականներուն եւ այսօր ալ համայն հայութեան գործօն դէմքերէն է եւ ուշադրութեան արժանացած է ո՛չ միայն իր բարեկիրթ վարքով ու կեցուածքով, այլ նաեւ լիբանանահայ մամուլին մէջ լոյս տեսնող բազմաթիւ խելացի յօդուածներով: Յարութիւնը Հայաստանի մէջ միաւորեց բազմաթիւ նկարիչներ, մանաւանդ արուեստաբաններ, որոնք երբեմն անհաշտ ախոյեաններ էին: Սակայն մեզ կը հետաքրքրեն յատկապէս անոր նկարչութիւնն ու գիրը, որոնք բարեբախտաբար կ՛արտացոլան Պէյրութ հրատարակուած «Խոհեր կեանքի եւ արուեստի մասին», «Դիտանկիւնէս» եւ «Անկարելի սէր» գիրքերուն, բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու եւ երկու շքեղ նկարչական ալպոմներու մէջ: Անոր նկարչութիւնն ու գիրը հարուստ նիւթեր կը պարունակեն վերլուծական ուսումնասիրութիւններու եւ աւարտաճառներու համար: Մեզ կը հետաքրքրէ գունային նուրբ եւ ձեւերու ու ծաւալներու ոչ յաւակնոտ յարաբերութիւններով կառուցուած, երբեմն զուսպ, իսկ երբեմն անմիջական, ազատ, անկաշկանդ անոր կտաւները: Յարութիւնը ակադեմական գայթակղութիւնները կռահած է ուշ, եւ եթէ ոչ կտաւներու վրայ, ապա գիրի միջոցով ապստամբած է` ըսելով, թէ «առաջին տպաւորութիւնը, առաջին ապրումը անկրկնելի է: Պատրաստի ճերմակ մակերեսին տրուած վրձինի առաջին հարուածները կը նմանին սիրոյ առաջին համբոյրներուն: Հո՛ս է, որ պիտի գիտնանք վճռել»:

Գրիգոր Շահինեան «Ազդակ»-ի 8 փետրուար 1980 թիւին մէջ «Սրտակիցի խօսք` Յարութիւն Թորոսեանին» խորագրեալ յօդուածով գրած է. «Ես հետեւած եմ հոգիիդ փթթումին` արուեստիդ հոլովոյթին ընդմէջէն. բանաստեղծական բնանկարներէն անցար կանացի կորութիւններու քերթուածին եւ անոնցմէ, բնական ընթացքով, գրեթէ աննիւթական վերացականութեան մը հասած էիր պաստառին ճերմակը հազիւ ծածկող եթերային թափանցելիութեան, որմէ անդին ալ լռութիւնն էր պարապին, կամ համերգը իրականութեան ձայներուն: Վերջին տարիներու մենաւոր խոհիդ եւ ստեղծագործ որոնումիդ մէջէն դուն յաջողեցար համադրելու անհամադրելի թուացող այս եզրերը: Եւ ահա մեր աչքերուն առաջ կը փռես ամբողջ աշխարհ մը գիծի, գոյնի եւ ձեւի, ուր հասուն լռութիւնը կը հիւսուի կեանքի հնչեղ իրականութեան, զայն կը հասցնէ հանդարտ քերթուածի ներդաշնակութեան: Ու բնական է այս հոլովոյթը: Ճանչցած ընտանեկան կեանքի քաղցրութիւնն ու հոգերը, ճաշակած` առօրեայի հաճոյքներն ու դժուարութիւնները, դուն գիտցար, առանց երազներէն կտրուելու, ընկալել կեանքը իրատես խորհողի մը ծանրութեամբ ու տալ արուեստիդ կշռութիւնը հողին ու ժայռին, բիւրեղացնելով զանոնք ու հասցնելով ոգեղէնի պայծառութեան: Առանց սակայն պարպելու զանոնք ներուժ այն զօրութենէն, որուն կշռոյթը զգացիր ընտանիքի հօր ու քաղաքացիի ամրացող հոգիիդ մէջ: Եւ հայրենի հողը եղաւ ամուր այն կռուանը, որուն վրայ կոթողուեցար ու նայուածքդ ուղղեցիր դէպի վեր ու դէպի առաջ` հեռաւոր հորիզոնի հմայքին, կամ տեսադաշտդ լեցնող տուներու եւ տանիքներու տեսքին: Եւ զարմանալի չէ, որ մարդերը բացակայ են այնքա՜ն մարդկային քու աշխարհէդ` ցուցահանդէսիդ իւղաներկերովը, ջրաներկերովը եւ գծանկարներովը իրացած: Կենդանագիրներդ տաղանդիդ մէկ երեսը կը ներկայացնեն անշուշտ, բայց յատկանշականը, ինծի համար, տուներդ են, ուր մարդիկ կը բնակին, ճամբաներդ, ուրկէ անոնք կ՛անցնին, ժայռերդ ու եկեղեցիներդ, ուր անոնց հաւատքը կը խարսխուի: Անոնց բոլորին նայուածքը բռնուած աչքերուդ մէջ` դուն վերէն, հեռուէն կը նայիս աշխարհի վայրերուն` հանդարտ խոհականութեամբ եթէ ոչ անպայման խաղաղութեամբ: Հասունցած ես հիմա, բայց չես փոխուած հիմնովին: Նոյն նկարիչ – բանաստեղծն ես միշտ, բայց աւելի մտածել կու տաս «Հացին երգը» երգող Վարուժանին մասին, որ միջօրէիդ ջերմութեան մէջ ինքն իր երգովը կ՛արբենայ, ինչպէս արեւոտ իր լոյսով: Դուն նման ես նաեւ հոգիի լիութիւնը երգող ուրիշ քերթողի մը` մեր երկուքին բարեկամ Մուշեղ Իշխանին, որուն լաւագոյն քերթուածներէն մէկուն տողերը բնականօրէն արթնցան յիշողութեանս մէջ` հանդարտ ուժականութիւնդ բնորոշելու փորձիս ընթացքին»:

 

 

Ուխտի Ճանապարհներ. Ուիլիըմ Սարոյեանի Երկու Գերեզմանները

0
0

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Սարոյանի յուշաքարը – Քալիֆորնիա

Պետական երկրորդական վարժարան յաճախելուս առաջին օրերուն անգլերէն լեզուի  օտար դասատուն, երբ իմացաւ իմ հայ ըլլալս հարցուց.

«Սարոյեանէն ի՞նչ կարդացած ես»: Շուարած` երեսին նայեցայ, իսկ ուսուցիչս` առանց պատասխանիս սպասելու, շարունակեց խօսքը. «Ես հիացած եմ անոր` «My Heart’s in the Highlands» պատմուածքով»:

Հետաքրքրական այս դիպուածը մղեց զիս Սարոյեանը պրպտելու: Լսած էի անունը, սակայն երբեք չէի փնտռած, ոչ ալ կարդացած իր ստեղծագործութիւնները,  որովհետեւ տարուած էի հայերէն գիրքերու ընթերցանութեամբ: Այսպէս սկսաւ Սարոյեանի ընթերցումներս: Առաջինները եղան «My Name is Aram» եւ «The Human Comedy» գիրքերը: Ապա ձեռքս անցան հայերէնի թարգմանուած անոր ստեղծագործութիւնները:

Գերեզման՝ Վիլյամ Սարոյանի, Երեւան

Հայրենիք զբօսաշրջութեանս ընթացքին առիթ ունեցայ այցելելու Կոմիտասի անուան պանթէոն, Արամ Խաչատուրեանի, Մարտիրոս Սարեանի եւ Սերգէյ Փարաճանովի գերեզմաններու քով, անոր աճիւններուն մէկ մասին գերեզմանը ու վրան կառուցուած արձանը: Ուրախացայ, որ հայրենիքի մէջ թարգմանուած ու գնահատուած են անոր գիրքերը: Թէեւ օտար հորիզոններու տակ ծնունդ առած, գաղթական հօրմէ որբացած ու տեղական որբանոցներու մէջ սնուած եւ մայրենին երբեք չսորված, այդուհանդերձ իր հայկական շրջապատին ազգային ինքնատիպութեամբ ստեղծագործած ու գրական մրցանակներու տիրացած իր ազգն է պանծացուցած այլոց մէջ:

Հանրայայտ է իր հետեւեալ կարճ հաստատումը: «Կ՛ուզէի տեսնել այս աշխարհին վրայ որեւէ ուժ, որ բնաջնջէ այս սերունդը, այս փոքր ցեղին ժողովուրդը, որուն բոլոր պատերազմները` կռուած են եւ յաղթուած, կառոյցները` փշրուած, գրականութիւնը չէ կարդացուած, երաժշտութիւնը չէ լսուած եւ աղօթքներն ալ չեն պատասխանուած: Համարձակեցէ՛ք բնաջնջել Հայաստանը: Տեսէք, թէ կրնա՞ք: Աքսորեցէ՛ք դէպի անապատները առանց հացի եւ ջուրի, այրեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները: Յետոյ տեսէ՛ք, թէ անոնք արդեօք կրկին չե՞ն խնդար, երգեր կամ աղօթեր: Որովհետեւ, երբ անոնց երկուքը աշխարհի որեւէ մասին մէջ հանդիպին, տեսէ՛ք, թէ անոնք արդեօք նոր Հայաստան մը չե՞ն ստեղծեր»:

Միացեալ Նահանգներ գալուս, առիթը չկորսնցուցի այստեղ մնացած իր աճիւններու միւս մասին հողակոյտին վրայ կառուցուած յուշաքարը այցելելու Քալիֆորնիոյ նահանգի Ֆրեզնոյի Արարատ հայոց գերեզմանատան մէջ, ուր իրեն մօտիկ նաեւ թաղուած է անոր դուստրը` յայտնի դերասանուհի Լուսինը:

Այստեղ ալ հպարտ զգացի նկատելով` անոր անունով յիշատակուած շատ մը հաստատութիւններ եւ յուշակոթողներ: Քանի մը ամիս վերջ անոր տուն թանգարանի բացման ալ կը սպասենք:

 

 

Րաֆֆին Եւ Քուրտերը

0
0

Հայրենի գրող Ալիս Յովհաննիսեանի ուսումնասիրութիւններու հատորը լոյս տեսած է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Հատորը չունիմ տրամադրութեանս տակ: Այս էջերը ուշագրաւ են, եւ իր համաձայնութեամբ կը յանձնեմ ընթերցողներու ուշադրութեան:

Յ. Պ.

Մեծ է Րաֆֆու իմացաբանական տեսադաշտը: Նա երբեք չի խօսում մի բանի մասին, եթէ նիւթը ուսումնասիրելուց զատ` չի մարսել ամբողջութեամբ: Խօսում է այն ազգութիւնների մասին, որոնց տնտղել է, գիտի արմատներից: Դրանք թուրքերն են, պարսիկները, քրտերը, ասորիները: Թուարկուածներին Րաֆֆին, կարելի է ասել, ճանաչում էր անձամբ: Հիացած էր ասորիների հոգեւոր առաջնորդ Մար Շիմոնով, որ ունէր զինուած բանակ եւ հարկ եղած դէպքում հակահարուած էր հասցնում հարեւանների աւազակային յարձակումներին: Լաւ գիտէր Թուրքիան, թուրքերին: Աւելի լաւ գիտէր քրտերին, քրտերի ու թուրքերի յարաբերութիւնները, քան մենք, որ մեր ձեռքի տակ տեղեկատուական ամենաբազմազան միջոցներ ունենք:

ԱՅ. Աւթանդիլեանի 60-ականների մասին վկայութիւնից իմանում ենք իր եւ Րաֆֆու` քուրտ Ալի աղա Շիկակին հիւրընկալուելու մասին: Սրանից առաջ նրանք անցել էին Հախուերան հայկական գիւղով, տեսել էին ծեր քաջարի գիւղապետին, որ երբեք անպատասխան չէր թողնում քրտերի աւազակային յարձակումները, եւ Րաֆֆին նրան խոստացել էր «իր բարեկամ Ալի աղայի մօտ բարեխօսել, որ հանգիստ թողնի նրանց: Ստացել էին ծերունու պատասխանը` «Սեւին սապոնն ինչ անէ, խեւին խրատն ինչ անէ»: Քուրտ աղան լաւ հիւրասիրութիւն ցոյց տալուց յետոյ խոստանում է, որ այդուհետեւ հախուերանցիները ապահով կ՛ապրեն: Իսկ 1977 թուին գրուած «Ջալալէդդինում» արդէն իրեն ժամանակակից դէպքերը գեղարուեստօրէն  նկարագրելիս, Րաֆֆին ցոյց է տալիս Ալի աղայի այն որդիների դաժանութիւնները Բարթուղիմէոս առաքեալի վանքում, որ մօտ 10 տարի առաջ վրանի մուտքի մօտ հլու հնազանդ կատարում էին հիւրասիրութեան ծէսը: Նոյն տեղում Րաֆֆին պատմում է «վանքի գիւղում» վանահօրը օգնութեան ձեռք մեկնած եզիտի ցեղապետ Օմար աղայի մասին: Սարհատի 14 հոգուց բաղկացած խումբը օրհասական կռիւներ է մղում քուրտ աւազակախմբերի դէմ, ի վերջոյ զոհւում է:

1880 թուականին «Մշակ»-ում տպուած «Քրտական միութիւն» յօդուածում Րաֆֆին ոչ միայն  բացառիկ հարուստ տեղեկութիւններ է տալիս իր ժամանակակից քրտերի մասին, այլեւ դարձեալ ու դարձեալ մարգարէանալով` անում է մի քանի ճշգրիտ կանխատեսումներ: Նրա սրատես, արծուենի հայեացքից չի վրիպել թուրքերի եւ քուրտերի այլանդակ համակեցութեան եւ ոչ մի մանրամասն, որտեղ մարտավարութիւնը միմեանց եւ միւսների նկատմամբ` բնութիւնից ստացած գոյութեան կռուի օրէնքն է: «Ուիլքիփետիա»-ում քուրտ ժողովուրդն ընդհանուր առմամբ բնութագրուած է որպէս խաշնարած եւ աւազակաբարոյ ցեղերի 35-40 միլիոնանոց ցաքուցրիւ ամբողջութիւն: «Կայծեր»-ում Ասլանին եւ Ֆարհատին հիւրընկալած եզիտի բեկը Սարհատին երեխայի տեղ դնելով` հարցնում է. «Դու քանի՞ ձի ես գողացել, քանի՞ մարդ ես սպաննել: Պատահե՞լ է քեզ աղջիկ փախցնել»: Այս եւ սրա նման շատ բաներ հարցնում էր նա այնպիսի հասարակ ձեւով, որպէս մէկը վարժատան աշակերտից հարցնելու լինի` «դու կարդացե՞լ ես Նարեկը, կամ` շարականից որքա՞ն ես անցել»: Սա եզիտին է, ում մի փոքրիկ հատուածը, փա՜ռք Աստծոյ, ներկայումս յարմարուել է մեր բարքերին եւ ընտանիքի անդամ դարձած` ապրում է մեր մէջ: Սլոյեանի մասին կարելի է աւելացնել:

Ռուս-թուրքական պատերազմի ժամանակ քուրտերի կողմից Պայազետի բերդի պաշարման պատմութիւնը սահմռկեցուցիչ է, եւ պատմութեան մէջ պահպանուած բազմաթիւ վկայութիւններ գեղարուեստօրէն արտացոլուել են Րաֆֆու «Խենթում», նաեւ` Վ. Պիկուլի «Պայազետ» ստուարածաւալ վէպում եւ համանուն սերիալում:

Քրտական պատմութիւնը մշուշոտ է եւ հիմնւում է միայն ենթադրութիւնների վրայ, քանի որ իրենց կողմից ստեղծուած գրաւոր աղբիւրներ գոյութիւն չունեն: Բայց ըստ գիտական տուեալների, լեզուական եւ մարդաբանական յատկանիշներով քայլում են հայերի եւ հինաւուրց այլ ժողովուրդների հետ: 20-րդ դարում կարողացել են 3 անգամ կարճ ժամանակով ինքնավարութիւն ձեռք բերել Թուրքիայում եւ Իրանում, ի վերջոյ 1970 թուականին Մուսթաֆա Պարզանիի արիւնարբու պատերազմներից յետոյ հաստատուել Իրաքի հիւսիսում` որպէս Քուրտստան: Այժմ փորձում են ոտք մեկնել մեծ տէրութիւնների հետ եւ ժամանակակից Թուրքիայից խլել այն տարածքները, որտեղ իրենք էթնիկ մեծամասնութիւն են կազմում: Այստեղ է, որ մեր ժամանակները խիստ նման են Րաֆֆու ապրած ժամանակներին: 19-րդ դարի 70-ական թուականներին թուրքերը թոյլ տուեցին «Քրտական միութիւն» յորջորջուած մի կազմաւորման ի յայտ գալը` Անգլիայի հովանաւորութեամբ: Ըստ Րաֆֆու որպէս «մի խրտուիլակ փուկալօ է, ռուսների առաջխաղացումը կասեցնելու համար, եւ «թուրք մամուլը մի կողմից սկսեց վառել քրտերի խաւար ֆանաթիկոսութիւնը, միւս կողմից` հռչակել նրանց քաղաքակրթութեան արժանաւորութիւնները, նրանց գրականութիւնը, դպրոցները, արհեստները եւ այլն… թուրք մամուլն սկսեց դատապարտել «վայրենի հայերին», որոնք բարբարոսաբար հարստահարում էին «խեղճ քրտերին», այլ խօսքով, սկսեց բողոքել գառների դէմ, որ գիշատում էին գայլերին… »: Իսկ քիչ անց դժուար չէր նոյն քուրտերին ներկայացնել «որպէս անգութ գազաններ» (Ր.), որոնց պէտք է «ի սպառ ոչնչացնել»: «Այդ բոլորի մէջ այն միտքը կար, որ Եւրոպային ցոյց տային, թէ Բ. Դուռը հակառակ չէ Հայաստանում վերանորոգութիւններ մտցնելու առաջարկութեանը, եւ նա ինքը շատ է ցանկանում կատարել այդ, բայց նա ունի իւր առջեւ դրուած մի մեծ դժուարութիւն, եւ այդ դժուարութիւնը կայանում է քրտերի եւ առհասարակ մահմետական ամբոխի մոլեռանդութեան մէջ, որոնց կրօնին եւ սովորութիւններին հակառակ է ամէն վերանորոգութիւն: Կամենում էին ցոյց տալ, որ եթէ կառավարութիւնը մահմետական ժողովրդի կամքին հակառակ գնար, կարող էր պատճառ դառնալ մի մեծ կոտորածի քրիստոնէից դէմ, որի համար Բ. Դուռը դժուարանում էր իրեն պատասխանատու համարել: (Ընդգծուած բառերը գրուած են Մեծ եղեռնից ուղիղ 35 տարի առաջ): Հիմա էլ նոյնիսկ այն թուրք մտաւորականները, որ ընդունում են Հայոց ցեղասպանութիւնը (թող լինի 70 միլիոնի մէջ մօտ 7000), երբ հարցը հասնում է մեր պահանջատիրութեանը, մտավախութիւն են յայտնում. «Բայց քուրտե՞րը… նրանց հետ ո՞նց էք գլուխ դնելու: Նրանք կ՛ոչնչացնեն հայերին, եթէ հայերը խելօք չմնան»: Նոյն Րաֆֆու ասած փուկալօն, որ կարող են մի տեղից հանել, մի ուրիշ տեղ դնել: Հետաքրքիր հարց` ինչո՞ւ թուրքերը լուսաւորեալ, նստակեաց, արարող հայի «ի սպառ ոչնչացումը» գերադասեցին քրտերի ոչնչացումից: Որովհետեւ հայերի վերջը տալն աւելի հե՞շտ էր եւ ուրեմն` առաջնահե՞րթ, քան` քրտերինը: Բայց չէ՞ որ նրանք շատ հեշտութեամբ կարողացան ի չիք դարձնել 1920 թ. քրտերի ստեղծած «Արարատեան թագաւորութիւնը»: Քրտերի այս կարգի քաջութեան մասին է, որ Րաֆֆին ասում է. «Սխալ է այն կարծիքը, որ առհասարակ տարածուած է քրտերի մասին, թէ նրանք մի քաջ ժողովուրդ են: Քրտերը, ինչպէս եւ միւս վայրենի ցեղերը, այն քաջութիւնը չունեն, ինչ որ հասկացւում է այդ բառի բուն նշանակութեամբ: Իսկապէս քաջ լինելու համար պէտք է գիտակցաբար ոգեւորուած լինել որեւիցէ գաղափարով: Բայց քուրտը իտէալ չունի: Ի՞նչը կարող է նրան դրդել արիւն թափելու` բացի յափշտակասիրութեան իղձից: Իսկ մի այդպիսի քաջութիւն` գազանի քաջութիւն է, երբ որսի ետեւից է ընկնում: Մի անգամ յաղթուեցաւ, քուրտը, այնուհետեւ կորցնում է իր բոլոր արիութիւնը»: Նոյն տեղում. «Հանգամանքները երբեմն ստիպում են նրանց թողնել բնակած երկիրը: Այնուհետեւ նրանք հեշտութեամբ մոռանում են իրենց հողերը, որքան հեշտութեամբ ձեռք էին բերել նրանց»: Այսպէս, երեւի նրանք արդէն մոռացել են Լաչին-Կարմիր Քուրտիստանի եւ իրենց երազած այլ տարածքների մասին:

Ինչո՞ւ քրտերը 1970-ից մինչեւ այժմ չեն կարողանում ծաղկեցնել իրաքեան Քուրտիստանը, չեն կարողանում այդ բարեբեր հողատարածքում միլիոնանոց քաղաքներ, քաղաքակրթութիւն կառուցել, այլ դարձեալ ու վերստին ու կրկին թուրքերի հետ գերնպատակ են դարձրել ուրիշի կերտած հին քաղաքակրթութեանը տիրանալը, ինչպէս գիշատիչներ, որ չեն կարողանում միմեանց միջեւ կիսել աւարը:

Բայց ինչպէս Րաֆֆու, այնպէս էլ պատմական այլ վկայութիւններում, քրտական բազմաթիւ միմեանց հանդէպ թշնամանք, վրէժխնդրութիւն ունեցող ցեղերից շատերը բարեկամութիւն են ունեցել հայերի հետ եւ անգամ` հաւատարմութիւն, իսկ Եղեռնի ժամանակ որոշ քրտական խաղաղաբարոյ ցեղեր, օրինակ, զազաները, պատսպարել են ամէն ինչից զուրկ, այրիացած կանանց ու որբուկների: Գուցէեւ արժանահաւա՞տ են այն տուեալները, թէ ներկայիս Թուրքիայում ապրող 3 միլիոն զազաների 23 տոկոսը հայեր են (եթէ նրանք ձուլուած լինէին, թիւ չէին կազմի: Բայց ինչո՞վ է արտայայտւում նրանց չձուլուած լինելը: Մանաւանդ որ Թուրքիան խուսափում է երբեւէ յստակ մարդահամար անցկացնելուց):

Իսկ ո՞ւր է կորել քուրտ մտաւորականութեան այն հատուածը, որ գոնէ ներողութիւն է խնդրելու հայերի հանդէպ իրականացրած վայրագութիւնների համար:


Խմբագրական. Համաթրքական Ազգայնականութիւնը` Խորքային Պետութեան Հիմնական Բաղադրիչը

0
0

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները վերլուծական մեկնաբանութիւններու հարուստ գրականութիւն ստեղծելու ուղղութեամբ կը զարգանան:

Համաշխարհային լրատուադաշտը լուսարձակներ կը կեդրոնացնէ յատկապէս էրտողանական Թուրքիոյ տարածաշրջանայինէն դէպի համաշխարհային խաղցողի անցում կատարելու յայտարարութիւններու գործնական կարելիութիւնները տեսնելու ուղղութեամբ:

Քանի մը դիտարժան կէտեր յամենայն դէպս արդիւնքներու անմիջականութեամբ եւ հեռանկարային  ուրուագծումի փորձերով կարելի է արձանագրել:

Համեմատական տրամաբանութիւնը կարեւոր է այն առումով, որ վերջին նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն բաղդատմամբ Էրտողանը ձեռք ձգած է տոկոսային առաւելութիւն, մինչ իր ղեկավարած կուսակցութիւնը նախկին խորհրդարանական համեմատութիւններու առումով` տոկոսային յետընթաց:

Նախագահի անձին յառաջընթացն ու իր ղեկավարած կուսակցութեան յետընթացը իրենց տարբեր բացատրութիւնները կրնան ունենալ: Այստեղ կան տնտեսական իրավիճակի նահանջի, թրքական թղթոսկիի արժեզրկման միտումներու եւ անոնց հետ կապուած ընկերային տագնապի ու ժողովրդային դրսեւորումներու իրականութիւնները, միւս կողմէ` նախագահ Էրտողանի ազգայնա-իսլամական առանցքներու վրայ կատարած յոխորտանքները` Թուրքիան աշխարհի հզօրագոյն տասը երկիրներու ցանկին մէջ ներառելու:

Ճիշդ այստեղ պէտք է նկատել անպայման համաթրքական-ազգայնամոլական կուսակցութեան երկփեղկումի երեւոյթը ընտրութիւններու նախօրեակին եւ անոր մէկ հատուածին ներգրաւումը Էրտողանի կուսակցութեան իսկ միւս հատուածին` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կազմած դաշինքներուն մէջ:

Ծրագրուած-բեմականացուած թէ՞ իրողական այս երկփեղկումին արդիւնքը այն է, որ երկրի երկու գլխաւոր խորհրդարանական յենասիւները կազմուած են համաթրքական գաղափարախօսութեան ազգայնամոլական տարրերէ, որոնք ձեւով մը կարծէք նախկին զինուորական յատկանիշով բնութագրուող Թուրքիոյ խորքային պետութեան դերը կը կատարեն:

Ազգայնական հատուածին հետ ընտրական դաշինք կազմած Էրտողանը խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձանագրած է ետքայլ: Մինչ, ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, աւելի ծանօթ` քրտամէտ կուսակցութիւնը, հակառակ իր դէմ կիրարկուած ամենախիստ ճնշամիջոցներուն, ձերբակալութիւններուն եւ բանտարկութիւններուն, յաջողած է յաղթահարել անցողիկ շեմը եւ դարձեալ բաղդատմամբ նախորդ ընտրութիւններուն արձանագրել տոկոսային փոքր առաւել:

Կը թուի, որ հասարակական բեւեռացումը ըստ էութեան ազգայնական իսլամականութեան եւ ազգային փոքրամասնութիւններու  եւ ընդհանրապէս քաղաքացիական հասարակութեան իրաւունքներու պաշտպանութեամբ հանդէս եկող ուժերուն միջեւ պիտի ձեւաւորուի:

Ազգայնամոլական տարրը այսօր ներգրաւուած է թէ՛ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում եւ թէ՛ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւններուն մէջ: Ընդհանուր յայտարարը երկու մեծագոյն կուսակցութիւններուն միջեւ համաթրքական ազգայնականութիւնն է, որուն գաղափարախօսութիւնը ըստ էութեան շարժիչ գործօնն է պաշտօնական Անգարային եւ նոր սուլթանի կամ վերափոխուած Աթաթիւրքի ծրագիրները իրականացնելու համար:

«Ես Իսլամացած Հայի Քրիստոնեայ Զաւակ Եմ». Կարօտ Սասունեան

0
0

ՆԱՆԷ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ

Ծնունդով Սասունից, այժմ Տիգրանակերտում բնակուող Կարօտ Սասունեանին մանուկ հասակում մայրն ուղարկում էր մզկիթ, որպէսզի արաբական տառերը սովորի, մտածելով, որ եթէ երեխան մեծանայ որպէս իսլամ, ապա ատելութեան ու վրէժխնդրութեան զգացում չի ունենայ:

«Երբ անցնում էինք մզկիթի մօտով, ինձ ծաղրում էին` ասելով, որ Կարպիսի տղան պէտք է դառնայ իմամ, ու մենք էլ նրա առջեւ նամազ անենք: Ես անընդհատ հարցնում էի պապիկիս, թէ ո՞վ է Կարպիսը, բայց նա այդպէս էլ չէր ասում: Մի օր տեղի տուեց ու ասաց, որ Կարպիսն իմ պապն էր` ազգութեամբ հայ: Չնայած ինձնից ամէն կերպ փորձում էին թաքցնել իմ արմատները, սակայն չէին կարողանում, քանի որ շրջապատն էր յիշեցնում այդ մասին: Յետոյ ինձ մօտ հարց առաջացաւ, թէ այդ դէպքում ի՞նչ կապ ունենք Հուսէյնի հետ, եթէ պապս Կարպիսն է. մահմետականութիւնս այդտեղ աւարտուեց: Ես մուսուլմանացած հայի քրիստոնեայ զաւակ եմ», պատմեց Սասունեանը:

Կարօտ Սասունեանն ապրում է Տիգրանակերտում, լրագրող է, զբաղւում է լուսանկարչութեամբ: Քիւրտ-թուրքական բախումների հետեւանքով, Տիգրանակերտի Սուր թաղամասը հսկայական վնասներ էր կրել: Անմասն չէր մնացել նաեւ հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որի զանգն այդ ժամանակ ընկաւ ու լռեց մինչեւ այսօր:

«Նախքան բախումը եկեղեցին նորոգուել էր եւ 2011-ին վերաբացուել էր, բայց ոչ թէ որպէս եկեղեցի, այլ ուղղակի այցելելու համար: 2012-ին` 97 տարուայ ընդմիջումից յետոյ Սուրբ Կիրակոսում կատարուել էր առաջին եկեղեցական արարողութիւնը: Տարին մէկ անգամ` Սուրբ Զատիկի օրը, մեզ թոյլատրում էին այնտեղ պատարագ մատուցել: Այն կարծես տեղի ու յարակից շրջանների հայերի հաւաքատեղին լինէր: 2015-ին, Սուրբ Զատիկին 1200 հաւկիթ էինք ներկել, որը յետոյ ինչպէս տեսանք քիչ էր: Բազմաթիւ հիւրեր ունեցանք: Իսկ հիմա բոլորը վախից տնից դուրս չեն գալիս», ասաց լուսանկարիչը:

Սասունեանը պատմեց, որ այժմ եկեղեցին անմխիթար վիճակում է, խորանն աւերուել է, գմբէթը չկայ: Արդէն երեք տարի է արգելուած է մուտք գործել այդ թաղամաս:

Պետութիւնն այդ թաղամասում գտնուող ամէն ինչ հողին է հաւասարեցրել` հայկական տները նոյնպէս: Սուրբ Թէոդորոս եկեղեցին, որը նոյնպէս այդտեղ է գտնւում, վերածուեց մզկիթի:

Սասունեանի խօսքով, եթէ քրտերը Տիգրանակերտում համարւում են դուշման` թշնամի, ապա հայերին անուանում են «դուշման դուշմանլար»` թշնամիների թշնամի: Այդ իսկ պատճառով հայերը եկեղեցու վերակառուցման համար որեւէ պահանջ չեն կարող ներկայացնել:

Սասունեանը որպէսզի արդարացնի իրենց վերագրուող ծուռ սասունցի ասոյթը, որոշել է այցելել եւ թաքուն լուսանկարել Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին:

«Պարծենալու համար չեմ արել, գիտեմ որ կարօտ էք, անգամ որ լուսանկարները շատ մեծ արժէք ունեն ձեզ համար», ասաց Սասունեանը:

Կարօտ Սասունեանը Հայաստանում է «Արեւմտահայոց հարցերի ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ի հրաւէրով:

«10 տարի է զբաղւում ենք իսլամացած հայերի հարցերով: Պէտք է յստակ զանազանել. կան իսլամացած ու ծպտեալ հայեր: Ծպտեալ հայերը պահպանում են ազգային դիմագիծը, անգամ ստեղծել են յատուկ ցանց ու գիտեն, որ հարեւան գիւղից, ո՛ր ընտանիքն է հայ ու ամուսնանում են միայն հայերի հետ: Այս ամէնը բնականաբար գաղտնի է պահւում: Իսկ իսլամացած հայերը շատ յաճախ տեղեակ էլ չեն լինում որ հայ են, այս տեսակը վտանգաւոր է», նշեց կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեանը:

Յիշեցնենք, որ Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին թուագրւում է 5-րդ դարի: 2011-ին վերակառուցուել էր եկեղեցու զանգակատունը, որը վնասուել էր 1915-ին` ռմբակոծութիւնից: Եկեղեցու գմբէթն ամենաբարձրն էր քաղաքում, եւ մզկիթների մինարեթներից բարձր չլինելու համար իսլամներն աւերել էին այն:

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունիս Գ. –Ողջունելի Քայլ

0
0

Աւանդութիւն դարձած է Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտ հունձքերը անուանակոչել տարուան խորհուրդը մարմնաւորող դէմքերու անունով:

Այս սովորութիւնը ցուցական քայլ մը չէ: Ան Ճեմարանի դաստիարակչական առաքելութեան մաս կը կազմէ:

Բնականաբար սերունդի մը միայն անուն տալով կարելի չէ անոր ազգային նկարագիրը կերտել կամ ոգեւորել զինք: Դաստիարակութիւնը համապարփակ աշխատանք է, որ կը սկսի պատանեկան տարիքէն ու կը շարունակուի մինչեւ անհատին հասունացումը: Այդ տարիներուն ընթացքին անհրաժեշտ է ամէն միջոց օգտագործել մեր սերունդներուն հոգեկան եւ մտաւոր աշխարհը հարստացնելու, միեւնոյն ժամանակ անոնց բարոյական նկարագիրի կազմաւորումին նպաստելու:

Դաստիարակութիւնը քարոզ կարդալու հետ պէտք չէ շփոթել: Դաստիարակել կը նշանակէ անհատին մտածելու, հարցերը քննելու, երեւոյթները վերլուծելու եւ դատելու կարողութիւնը զարգացնել, ինչպէս իր անձին, այնպէս ալ հաւաքականութեան յառաջընթացին համար պայքարելու յանդգնութիւնը յայտնաբերել: Առողջ դաստիարակութեան մեծապէս կը նպաստեն առողջ  հաւաքականութիւնը, առողջ միջավայրը: Ուրեմն դաստիարակութեան նուիրական գործին ծառայողները նախ պէտք է ստեղծեն այնպիսի միջավայր, ուր տիրող ըլլան արդարութիւնը, ազատ խօսքը, զիրար լսելու, հասկնալու մշակոյթը:

Դաստիարակչական գործընթացին մաս կը կազմէ նաեւ ինք` դաստիարակը, իր իսկ օրինակով, խօսքը եւ գործը համապատասխան դարձնելով, բարոյական արժէքները մարմնաւորելով:

Դաստիարակչական աշխատանքին մէջ ուղեցոյցի դեր կը կատարեն նաեւ պատմութիւնն ու պատմական այն դէմքերը, որոնք պայքարեցան յանուն հաւաքականութեան, ոչ թէ իրենց նեղ շահերուն համար: Անոնք, որոնք պատմութիւն կերտեցին, ոչ թէ ժողովուրդը անտեսելով իրենց սեփական փառքը փնտռեցին: Անոնք, որոնք իրենց գերագոյնը զոհեցին եւ արդար ու ազատ հայրենիք կերտելու ուղին ցոյց տուին:

Ներկայ ժամանակներուն նիւթապաշտ, ազգային արժէքներ նսեմացնող պատեհապաշտ տիպարներ կը յայտնուին հայ քաղաքական բեմին վրայ: Տիպարներ, որոնք հիասթափութեան ալիք կը բարձրացնեն յատկապէս նորահաս սերունդներուն մօտ: Բարեբախտաբար գոյութիւն ունին նաեւ իսկական հերոսները, արդարները, նոր Հայաստանին ու ազնիւ հայուն հաւատացողները:

Հաւանաբար ամէն ժամանակներու մէջ ալ յայտնուած են ու պիտի յայտնուին բացասական տիպարներ: Անոնք, սակայն, պիտի կորչին պատմութեան տիղմին մէջ, իսկ  նորահաս սերունդներուն, ազնիւ գործիչներուն ճամբան պիտի շարունակեն լուսաւորել բարոյական արժէքներ մարմնաւորող, պատմակերտ մեր հերոսները` Արամ Մանուկեանները, որոնք յորդորեցին պայքարիլ նոյնիսկ անօգնական մնալու պարագային, որովհետեւ տեսլական ունեցան ու յանուն այդ տեսլականին ազատ ու անկախ Հայաստանին ճամբայ բացին:

Սերունդներ անուանակոչելը փաստօրէն ինքնաճանաչման նպաստող դաստիարակչական ողջունելի քայլ է: Քայլ, որ պէտք է մղէ զիրենք կարդալու պատմութիւնը, ճանչնալու Արամներն ու ըմբռնելու անոնց դաւանած արժէքները` գտնելու մեր ազգին լուսաւոր ուղին: Ի զուր չէ ըսած բանաստեղծը. «Սերունդնե՛ր, դուք ձեզ ճանաչէ՛ք Սարդարապատից»:

«Գ.»

 

Ի Սրտի Խօսք` Հայրենապաշտ Երաժիշտ Գէորգ Հաճեանին (Նոր Հրատարակուած Ձայնասկաւառակի Մը Առիթով)

0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  

«…Եթէ կ՛ուզես ազգային պատկանելիութեան սահմանը անգամ մը չափել, պէտք է երթալ եւ հայ զինուորին կողքին կենալ»:

ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ
«Ազդակ», 6-1-2018

Սրտակից ընկեր մը, որ մօտէն կը ճանչնայ բոլորիս սիրելի երաժիշտ Գէորգ Հաճեանը, առաւօտ մը, ուրախ տրամադրութեամբ լեցուած, սեղանիս վրայ դրաւ գեղատիպ կողքով ձայնասկաւառակ մը, ապա անպաճոյճ բառերով ըսաւ. «Գէորգին նուէրը` քեզի»:

Առաջին հայեացքով արդէն բաւարարուածութիւն մը կը համակէ հոգիդ, այն առումով, որ դէմ յանդիման կը գտնուիս պատկառելի աշխատանքի մը, որ այլապէս պատիւ կը բերէ թէ՛ երաժիշտին եւ թէ՛ իր ժողովուրդին: Ինչո՞ւ:

Որովհետեւ մատուցուածը սովորական ձայնասկաւառակ մը չէ, ոչ ալ, այսպէս ասած, ընթացիկ երգերու ձայնագրութիւն մըն է, այլ` արհեստավարժ, նուիրական եւ որակաւոր աշխատանքի մը արգասիքը հանդիսացող ողջմիտ արտայայտութիւն:

Իրօք, հարց կրնայ տրուիլ, թէ ինչի՞ մասին է խօսքը: Բացատրենք:

Ըստ իս, երբ զանազան չափորոշիչ տարրեր զիրար կ՛ամբողջացնեն, այդ ալ արուեստի բնագաւառին մէջ, բնական է, որ տուեալ աշխատանքը արժանանայ բոլորին ուշադրութեան եւ ստանայ համապատասխան գնահատանք:

Արդար է, առաջին հերթին, ի սրտէ խօսք ուղղել արուեստագէտ ու շնորհալի երաժիշտ Գէորգ Հաճեանին, որ աւելի քան երկտասնեակ տարիէ ի վեր կը ծառայէ հայ բեմին ու երաժշտութեան, հաւատաւոր ժառանգորդը մնալով կոմիտասեան եզակի շունչին ու անբասիր աւանդին: Փաստօրէն, Գէորգ Հաճեան, շնորհիւ իր արհեստավարժի ու հայաբոյր հոգեկերտուածքին, հայ հոգեւոր ու եկեղեցական երաժշտութեան հանդէպ ցուցաբերած երկիւղածութեան, խորաթափանց սիրոյն ու մշակուածութեան, կրցած է ստեղծել կատարողական ինքնուրոյն ոճ մը: Աւելի՛ն. ան կը հաւատայ, որ երաժշտութիւնը հզօր «զէնք» մըն է մշակոյթի եւ ինքնութեան տարածման, եթէ երբեք զայն կարենանք մատուցել արուեստի բարձր ընկալումով:

Ի դէպ, պէտք չէ զարմանալ, որ Գէորգ Հաճեանի երաժշտական ասպարէզին մաս կը կազմէ նաեւ ազգային ու յեղափոխական երգերու մատուցումը: Յայտնապէս Գէորգին այս տիպի երգերն ալ թաթաւուն եւ գրաւիչ են իրենց բարձրորակ եւ բիւրեղ դրսեւորումներով: Փաստօրէն, անոր հոգեթով, հարազատ ու գեղեցիկ ձայնային յատկութիւնը ունկնդիրը կը կախարդէ, այլապէս կը մղէ, որ թափանցէ ազգային թէ յեղափոխական երգերու հոգեպարար անդաստանին մէջ:

Իրաւամբ ըսուած է, որ երաժշտութիւնը իր բարձրարուեստ ընկալումով միայն կրնայ թափանցել ժողովուրդի մը ներաշխարհը եւ հոն ապաստան գտնել յաւերժօրէն: Արուեստագէտ Գէորգ Հաճեանի ազգային-յեղափոխական երգերը մեզ կը կախարդեն, որովհետեւ երաժիշտը կրցած է խորասուզուիլ իւրաքանչիւր երգի, յեղափոխական թէ ազգային գործիչի կերպարի մէջ եւ անաղարտ զգացումով լոյսին բերել տուեալ ժամանակի ոգին ու առանձնայատկութիւնը:

Եւ ահա, հայ երաժշտասէր հասարակութեան սեղանին է արդէն նորատիպ ձայնասկաւառակ մը` «Ղօղանջ անկախութեան» խորագիրով: Երկու ձայնասկաւառակէ բաղկացած գեղատիպ այս հրատարակութիւնը կ՛ընդգրկէ ազգային-յեղափոխական երգերու փունջ մը, որ մեզի կը պատմէ 20-րդ դարու հայ ազատագրական պայքարի մասնակից տիտան հերոսներու կեանքն ու սխրանքը, ազատութեան, անկախութեան եւ հայրենիքի փրկութեան մղուած մարտերու կենսագրութիւնը:

Գինեգոյն ծածկի մը տակ հրատարակուած ալպոմը կը բովանդակէ նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի, անկրկնելի մտաւորական ու ազգային գործիչ Նիկոլ Աղբալեանի եւ գաղափարական տիպար ու նուիրեալ Սարգիս Օհանջանեանի խօսքերը (նաեւ` անգլերէնի թարգմանուած):

Կողքին վրայ տպուած Սարդարապատի զանգերու աշտարակին պատկերը կը յուշէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը, ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի զինանշանները կ՛ընդգծեն ազգային ու գաղափարական պատկանելութեան տէր կանգնելու հրամայական պահանջը, իսկ արուեստագէտին լուսանկարը` իր խորասոյզ հայեացքով, ցոյց կու տայ ազգային արժէքներուն հանդէպ անոր յանձնառութիւնն ու գիտակցական պահուածքը:

Ձայնասկաւառակը ունկնդրեցինք մեծ հաճոյքով, երբեմն յուզումով, մերթ ընդ մերթ զգացումներու խայտանքով, առանձնապէս` պայքարի ու ըմբոստացումի ոգիի փայլատակումներով: Արուեստագէտը երգ առ երգ մեզ կ՛առինքնէ, կը փոխադրէ հայրենի լեռներ ու դաշտեր: Անոր ազնուասիրտ հոգիէն ժայթքող նրբերանգային ձայն ու հնչիւնը, հոգեշարժ թրթռացումներն ու երբեմն թաւ (տիրական) կատարումները, արդէն ունկնդիրը կը մղեն ընդելուզուելու, նախ` արուեստագէտի ներաշխարհին հետ, ապա` սաւառնելու ազգային-յեղափոխական երգերու կատարին:

Ի շարս այլոց, ուշագրաւ է «Յարատեւ կռիւ» երգը, որ արդէն տեսերիզի մը մէջ իր խայտանքը կ՛ապրի իբրեւ նիւթ եւ մատուցում: Փաստօրէն, վաստակաւոր բեմադրիչ եւ հայասիրտ ազատամարտիկ Սամուէլ Թադեւոսեանի յղացումով (երգ ու տեսերիզ), այս երգը թռիչք առած կը թեւածէ հայրենի բանակին կողքին ու հայոց լեռներու ամբողջ տարածքին: Արցախ աշխարհին մէջ նկարահանուած այս երգն ու տեսերիզը, որ նուիրուած է հայոց բանակին ու անոր ցուցաբերած զոհաբերութեան, մեծագոյն փաստն է հայ արուեստագէտներու, յատկապէս այս պարագային Գէորգ Հաճեանի հայրենապաշտութեան:

Ձայնասկաւառակը կը բովանդակէ աւելի քան քսան երգ, տարբեր թեմաներ ընդգրկող, որոնք Գէորգ Հաճեան արուեստագէտի շունչին ու հաւատամքին շնորհիւ կը գեղգեղեն, կը վերակենդանանան ու կ՛արժեւորուին:

Այսուհանդերձ, երկու երեւոյթ եւս մեր ուշադրութեան կիզակէտը գրաւեց, նախ` ձայնասկաւառակի որակաւոր պատրաստութիւնը հայրենիքի մէջ, ապա` անոր լոյսին գալը, հրատարակութիւնը` գաղափարակից ընկերներու ազնիւ մեկենասութեամբ:

Երախտագիտութեան խօսք ու բարի երթ բոլորին:

 

Գիրքի Մը Ընթերցանութեան Առիթով. Լիբանանցի Հայ Ընտանիքի Մը Անցեալն Ու Ներկան

0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Լիբանանցի բարեկամէ մը ստացայ Սամի Թուպիայի կողմէ աշխատասիրուած ֆրանսերէնով հրատարակուած «Սարաֆեան, Լիբանան 1900-1930» խորագիրով հատոր մը:

Սարաֆեան եղբայրները հանրածանօթ եղած են քսաներորդ դարու առաջին կիսուն` իբրեւ լիբանանեան եւ արաբական երկիրներու մէջ լուսանկարիչներ, որոնց աշխատանքով հրատարակուած են փոսթքարտեր եւ վերածուած պատմական արժէքի:

Պիտի չանդրադառնամ լուսանկարչական իրենց գործունէութեան:

Նիւթը հայ տիպար ընտանիքի մը պատմութիւնն է 1870-ական թուականներէն սկսեալ, բայց…

Սարաֆեան երեք եղբայրները` Աբրահամ, Պօղոս եւ Սամուէլ, սերած են աւետարանական ընտանիքէ: Իրենց ծննդավայրը եղած է Տիգրանակերտ: Անոնք Լիբանան հաստատուած են Համիտեան ջարդերէն ետք, 1897-ին:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն եւ Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք Սուրիա ու Լիբանան հաստատուած հայերու պաշտպանութեան եւ օժանդակութեան մէջ հսկայ աշխատանք տարած են:

Աբրահամ Սարաֆեան ամուսնացած է Երանիկ Կարապետեանի հետ: Ունեցած են հինգ զաւակներ` Տիգրան, Լեւոն, Արաքսի, Արմինէ եւ Անի: Աբրահամ մահացած է 1926-ին:

Պօղոս Սարաֆեան ամուսնացած է Աննա Թիւֆենկճեանի հետ, եւ ունեցած են երեք զաւակներ` Թագուհի, Ժորժ եւ Երուանդ: Պօղոս մահացած է 1934-ին:

Սարաֆեան եղբայրներէն երրորդը` Սամուէլ, ամուսնացած է Զապէլ Աճեմեանի հետ: Զաւակները` Սաթենիկ, Անահիտ եւ Սոնա: Ան մահացած է 1941-ին:

Անկախ լուսանկարչութեան գործին մէջ իրենց արձանագրած յաջողութիւններէն, Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի, Իրաքի եւ Թուրքիոյ մէջ, Սարաֆեան եղբայրները գործօն դերակատարութիւն ունեցած են տեղահանութենէն անմիջապէս ետք Լիբանանի գաղութի կազմակերպման եւ գաղթականներու ֆիզիքական պահպանման գործին մէջ: Զանոնք կը տեսնենք Բարեգործական միութեան մէջ, Զմմառի վանքին, Կիլիկիոյ Սահակ կաթողիկոսին մօտ, որբախնամ հաստատութեանց, կրթական կեանքի աշխուժացման եւ բարեսիրական աշխատանքներուն մէջ:

Երեք եղբայրներ, երեք հայ ընտանիքներ, հայկական անուններով զաւակներ, հայ կեանքին մասնակից եւ անոր մէջ դերակատարութիւն վերցուցած անհատներ:

Ու վերադառնանք բայցին…

Գիրքի հեղինակը` Սամի Թուպիյա, Սարաֆեան ընտանիքի ծանօթացումը կատարելէ ետք, իր խօսքի վերջին բաժինով կը գրէ.

«Այսօր, անոնց շառաւիղները տարածուած են աշխարհով մէկ: Լիբանանի մէջ սակայն, գտնելով հանդերձ Պուհէյրի, Քուրպան, Թահհան, Ֆատտուլ, Նուն, Բաբազեան, Նեհմէ, Չպլաքեան, Օկտըն-Սմիթ եւ Թապեթ անունները, այլեւս չենք հանդիպիր Սարաֆեան անուան` նոր սերունդին մօտ:

Սարաֆեան ընտանիքի նման հայաշունչ ընտանիք մը, այսօր գէթ Լիբանանի մէջ չունի նոյնանուն ժառանգորդ: Կան ժառանգորդներ` ոչ հայ ընտանիքներուն մէջ:

Պատճա՞ռը, պատճառնե՞րը:

Խառն ամուսնութիւն, օտար կրթութիւն, հայկական միջավայրէ հեռացում, աւանդութիւններու վերացում, արտագաղթ ու վստահաբար այլ ենթակայական եւ առարկայական պատճառներ:

Հետեւանքը սակա՞յն,

Հայակորուստ, հայաթափում եւ հայկականութեան վերացում:

Կ՛արժէ մտածել այսօր այս մասին:

Ու մտածել, թէ վաղը` 10, 20, 30 տարի ետք ո՛վ, ո՛ւր, ո՛ր հայ թերթին մէջ կրնայ կարդալ այս օրերուս հայութենէ հեռացումի ճամբան բռնած Լիբանանի հայերու մասին:

Իսկապէս կ՛արժէ մտածել սքանչելի Սարաֆեան ու այլ սքանչելի ընտանիքներու անցեալին, ներկային ու ապագային մասին:

 

 

 

Ցեղասպանութիւն Յղացքի, Յոգնակիի Նոյնացման Փորձի Եւ Շարունակման Մասին

0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Կարելի չէ հասկնալ մարդը ազգ կոչուած համայնքէն դուրս: Բնական է, որ ան չըլլայ միակ համայնքը: Յամենայն դէպս, ան մասնայատուկ համայնք մըն է, հաւանօրէն ամէնէն աւելի սերտօրէն կապուած ընտանիքին, ամէնէն կարեւորը` մարդու ոգեկան պատմութեան համար*:

Յովհաննէս-Պօղոս Բ.
Հռոմի Քահանայապետ
Վարշաւիա, 2 յունիս 1979

Թաներ Աքչամ Ներկայացուց Իր Գիրքը

Երեւանի ՀՅԴ Երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ 19 յունիս 2018-ին ներկայացուեցաւ Թաներ Աքչամի գիրքի` «Հայերի բռնի իսլամացումը – լռութիւն, ժխտում եւ ուծացում» Մելինէ Անումեանի թրքերէնէ թարգմանուած հատորը, 294 էջ,  պատասխանատու խմբագիր` Հայկազուն Ալվրցեան:

Թաներ Աքչամ զեկուցեց իր գիրքին մասին: Գիտաշխատող է Թաներ Աքչամ, եւ անոր գիրքը կը մէկտեղէ վաւերագրական նիւթեր, որոնք կը նպաստեն պատմութիւնը ճիշդ ըմբռնելու, սրբագրելու թիւր կարծիքները եւ ապատեղեկատուութիւնը: Թաներ Աքչամ խօսեցաւ թրքերէն, եւ Մելինէ Անումեան թարգմանեց:

Դրական երեւոյթ էր հաստատել, որ Հայաստան ունէր բազմաթիւ թրքագէտներ:

Առաջին անգամը չէ, որ Թաներ Աքչամ ելոյթ կ՛ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով` Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Գիրքի վերլուծումը կատարողներ պիտի ըլլան, անկասկած: Չենք կրնար անտարբեր ըլլալ եւ չգնահատել հեղինակին յանձնառութիւնը, գիտական մօտեցումը, արդարութիւնը, քաջութիւնը եւ մարդկայնական վերաբերումը, դիմադրելով իր ժողովուրդի բացասականութեան: Ծափահարելի: Նաեւ այդ գիրքին արեւելահայերէնի փոխադրութիւնը, որպէսզի հայրենի ժողովուրդը եւ պետութիւնը քիչ աւելի տեղեակ ըլլան եւ Ցեղասպանութեան հարցը չհամարեն սփիւռքի խնդիր:

Մաղթելի պիտի ըլլայ, որ այս գիրքը սեփականութիւնը դառնայ ընթերցողներու լայն զանգուածին, քաղաքական գործիչներու, ուսանողներու եւ լրատուամիջոցներու:

Թաներ Աքչամի զրոյցէն կը բխին քանի մը հարցեր, որոնք ապահովաբար կը գտնուին գիրքին մէջ:

Հայկական Հարց

Այդ զրոյցէն մեկնելով կ՛ուզեմ խօսիլ ազգային գաղափարախօսութենէ բխող Հայկական հարցին մասին, որ առաջնահերթ է Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քննարկումներէ եւ ճանաչումներէ:

Հատուցումներու մասին վերջին տասնամեակներուն շատ խօսուեցաւ: Ապահովագրական ընկերութիւններ վճարումներ ըրին: Ցեղասպանութեան ուղղակի-անուղղակի ճանաչում, որ հայոց իրաւունքի վերականգնումին հետ չի շփոթուիր:

Հատուցումները կը վերաբերին անհատներուն:

Նիւթական կորուստները կրնան հատուցուիլ, դեռ այդ ալ գնահատումի քննելի հարց է: Պապերու ժառանգութիւն բռնագրաւուած արտը, ջաղացքը, տունը, առանց յետնորդի համաձայնութեան, ինչպէ՞ս կարելի է իւրացնել եւ հատուցել:

Ինչպէ՞ս կը հատուցուին ցեղասպանութիւնը, հայրենահանումը եւ ժողովուրդի մը բազմահազարամեայ հայրենիքին բռնագրաւում-իւրացումը:

Թաներ Աքչամ Ցեղասպանութիւնը բացատրելու եւ ճանչնալու համար կը մեկնի Ռաֆայէլ Լեմքինի 1943-ին հնարած génocide յղացքէն (concept):

Օգոստոս 1943-ին, Երկրորդ Աշխարհամարտի բուռն օրերուն, երբ ահաւոր թափով կը բնաջնջուէին հրեաները, Ուինսթըն Չըրչըլ, իմացած ըլլալով, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենար, ձայնասփիւռէն խօսուած իր ճառին մէջ ըսած էր, որ` «կը գտնուինք անուն չունեցող ոճիրի մը ներկայութեան»: Չորս ամիս ետք Ռաֆայէլ Լեմքին դարբնեց génocide եզրը (զոր թարգմանեցինք ցեղասպանութիւն): Լեմքին եզրը գործածած էր 1943-ին գրուած գիրքի մը մէջ, Axis Rule in Occupied Europe (Առանցքի կարգը գրաւեալ Եւրոպայի մէջ) եւ լոյս տեսած տարի մը ետք:

Այսօր ալ ցեղասպանութեան ոճիրով զբաղող պատմաբանները եւ քաղաքական գործիչները կը մնան Լեմքինի սահմանումին մէջ, եւ նոյն եզրը կը գործածեն որպէս զանգուածային ոճիր ընդունուած ջարդերուն համար: Հայկական հարցի միջազգայնացման համար, մենք ալ, հետեւութեամբ, որդեգրեցինք génocide-ցեղասպանութիւնը, նկատի չառինք, որ spécifique-տեսակարար տարբերութիւն կար հայ եւ հրեայ ժողովուրդներուն դէմ գործուած զանգուածային ոճիրներու պատճառներուն միջեւ:

Այս տարբերութիւնը ըստ արժանւոյն չի նշուիր պատմաբաններուն կողմէ: Չի նշեր նաեւ Թաներ Աքչամ: Վերաբերումի միօրինականացումը կը նոյնացնէ տարբեր միտումներով եւ տարբեր ժամանակներու մէջ տեղի ունեցած ոճիրները:

Հետագային Ռաֆայէլ Լեմքին ուզած է ամբողջական սահմանում տալ génocide-ցեղասպանութեան, 1945-ին, «Ցեղասպանութիւն` արդիական ոճիր մը» խորագրուած յօդուածով մը, ուզած է ընդլայնել սահմանումը, եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան քննարկման առաջարկել: Լեմքինի ըսածը, եթէ նկատի առնուի, աւելի ճիշդ մօտեցում կ՛ըլլայ Հայոց ցեղասպանութիւնը սահմանելու համար:

Ըստ Լեմքինի.

Ցեղասպանութիւնը կ՛ընդգրկէ քաղաքական, ընկերային, մշակութային, կրօնական, տնտեսական, կենսաբանական եւ ֆիզիքական քանդում, կը նշէ նաեւ դիտաւորեալ կերպով հրահրուած սովը, սպառումով կամ ցուրտով մահը, բարոյական քայքայումը, աւերումը եւ բռնագրաւումը անհատական գոյքի եւ եկեղեցիներու, պարտադիր աշխատանքը, աւերումը մշակութային ինքնուրոյնութիւններու եւ վերացումը քաղաքական գերիշխանութեան:

Կը շեշտէ յանցագործներու մտադրութիւնը` ինչ կը վերաբերի.

– քանդելու եւ խեղճացնելու ամբողջ ազգային, կրօնական կամ ցեղային միաւոր մը` յարձակելով խմբաւորման կարգ մը անդամներուն վրայ, այդ յարձակումը հանդիսանալով լուրջ սպառնալիք կեանքի կամ ազատութեան դէմ, առողջութեան եւ տնտեսական վերապրումի, կամ այս բոլոր ազդակներուն դէմ միաժամանակ: Յանցագործները կրնան ըլլալ պետական ներկայացուցիչներ, կամ ընկերային եւ քաղաքական կազմակերպուած խմբակցութիւններ:

Լեմքին իր միտքերը կը յստակացնէ.

– Պատասխանատուութեան ենթակայ են անհատներ, միաժամանակ անոնք, որոնք հրահանգ կու տան եւ անոնք, որոնք հրահանգը կը գործադրեն: Յանցաւորը որեւէ մէկ պարագայի չի կրնար առարկել, որ գործած է ըստ իր երկրի օրէնքներուն, քանի որ ցեղասպանութիւնը կը յայտարարուի միջազգային օրէնքի եւ բարոյականի դէմ ոճիր:

Լեմքինի մասնակին կը համարէ ընդհանուր պատասխանատուութիւն.

– Ցեղասպանութեան հետեւանքները միջազգային տարողութիւն ունին իրենց ներգրաւուածութեամբ, անոր դէմ պատիժը պէտք է ըլլայ միջազգային մակարդակով:

Ցեղասպանութեան ամբաստանութեան եւ դատի հարցով Լեմքին կը ճշդէ, որ` յանցապարտը պարտի պատասխանել իր ոճիրներուն համար ո՛չ միայն այն երկրին մէջ, ուր գործած է զանոնք, այլ նաեւ որեւէ երկրի մէջ, ուր կը ձերբակալուի: Այն երկիրը, ուր ան կը ձերբակալուի, կրնայ զինք դատել կամ արտաքսել:

Եւ`

Երբ կարելի չէ ակնկալել երկրէ մը որ կարող ըլլայ դատելու իր յանցագործները, այդ պարագային վերջինները հարկ է, որ դատուին միջազգային դատարանի մը կողմէ: Հետագային հարկ է յառաջացնել յատուկ ատեան մը Արդարատուութեան միջազգային ատեանի ծիրին մէջ: Միջազգային դաշնագիրով մը, Ցեղասպանական ոճիրը պէտք է ներառուի բոլոր պետութիւններու պատժական օրէնսգիրքին մէջ, անոնց տալով իրաւական հիմք, որոնցմով կրնան առաջնորդուիլ:

Պատմաբաններ եւ իրաւագէտներ ցեղասպանութիւն եզրին ընդհանրացումով անոր գործադրութեան պատճառին եւ նպատակին ըմբռնումին մէջ թոյլ կու տան պարզացում եւ շփոթ:

Թաներ Աքչամի գիրքի անուան բանաձեւումն անգամ շփոթ կը ստեղծէ: Արդարեւ, ինչո՞ւ Հայոց ցեղասպանութիւնը փոխադրել կրօնական մակարդակ, երբ ան էապէս ազգային-քաղաքական է: Փոխանակ խօսելու իսլամացուած հայերու մասին, աւելի ճիշդ պէտք է ըլլար ըսել` թրքացուած հայեր, ինչպէս միշտ եղած է պատմութեան ընթացքին, իշխողները կրօնական ազդակը շահագործած են իրենց քաղաքական-տնտեսական նպատակներուն համար, իրենց բանակներուն հետ տարած են կրօնական քարոզիչներ: Այդպէս ըրած են գաղութարարները:

Թաներ Աքչամ եւ ուրիշներ, նաեւ հայեր, կը խօսին ցեղասպանութեան պարագային դասական դարձած կրօնական ազդակին մասին, որ պարզացումով ընդհանրացած էր զանգուածի մտայնութեան մէջ` խաչապաշտի եւ ոչ-խաչապաշտի տարբերութեամբ, անհաշտելի հակամարտութեամբ: Այս պարզացումը այսօր ալ պատճառ է զանգուածներու միտքերու շփոթի եւ հարցի քաղաքական ճիշդ հունի մէջ չդրուելուն:

Ցեղասպանութիւն Եւ Պատճառներ

Հայոց ցեղասպանութեան եւ հրէական ողջակիզման ընկերատնտեսական եւ քաղաքական դրդապատճառներու տարբերութիւնը եթէ չպարզաբանուի եւ մեր քաղաքական ճառին խորք չտայ, դեռ երկար ժամանակ պիտի շարունակենք նաւարկել բարոյական, բարեսիրական, մխիթարական եւ ճանաչումներու պղտորութիւններուն մէջ, մենք եւ մեր իրաւ կամ կարծեցեալ բարեկամները:

Հարկ է առանց զիկզակելու հասկնալ թուրք քաղաքական միտքի ծալքերը:

Թուրքը գիտէ, որ ինք օտար է այն աշխարհին մէջ, որ այսօր կը սահմանուի որպէս Թուրքիա: Ուրիշներ ալ գիտեն, բայց շահախնդրութիւններով չեն խօսիր այդ մասին: Միջազգային համայնքը ինչո՞ւ պիտի խօսի հիմնականի մասին, եթէ մենք անոնց վերաբերող կողմնակի հարցերով հրապարակ կու գանք:

Թուրքիոյ համար ցեղասպանութիւնը նպատակ չէր, նպատակ էր բռնագրաւուած հողի թրքացումը:

Պարզ պէտք է ըլլայ մեզի համար, մեր քաղաքական վարքագիծին համար, որ Թուրքիոյ պետութիւնը հետեւողականօրէն ընթացաւ Հայաստանի թրքացման օրակարգով, ի գին իրեն ծառայած եւ ծառայող տնտեսութիւն ստեղծող ուժէն ինքզինք զրկելու, որ հայ ազգաբնակչութիւնն էր, իր գրաւած աշխարհը վերջնական կերպով թրքացնելու համար:

Ուրեմն պարզ է, որ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողի համար:

Եթէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը նպատակ է, անկէ պէտք չէ անջատել քաղաքական էական խնդիրը, որ հայոց հայրենիքի ամբողջացումն է, բռնագրաւուած Հայաստանի ազատագրութեամբ:

Քաղաքական գործիչներ եւ պատմաբաններ այս հիմնախնդիրը կը շրջանցեն զանազան մեկնաբանութիւններով: Ցեղասպանութեան ճանաչումը որպէս մարդկութեան դէմ ոճիր կ՛ընդունին կամ կրնան ընդունիլ, հիմա որ Միջազգային ատեանի մը ներկայացուելիք յանցագործ չկայ: Նոյնիսկ Թուրքիան կրնայ այդ ընել: Բայց ոչ ոք բռնագրաւուած հայրենիքի մը իր տէրերուն վերադարձով կ՛ուզէ զբաղիլ: Ինչպէս կ՛ըսուի, այդ պարագային Ամերիկան պէտք է Ամերիկան վերադարձնել իր բնիկներուն…

Նաեւ այս կամ այն ժողովուրդի մը ձուլումը ուրիշի մը մէջ ցեղասպանութիւն չի համարուիր: Բայց մի՞թէ ձուլումը ցեղասպանութիւն չէ, քանի որ կ՛ենթադրէ տուեալ հաւաքականութեան լեզուին, մշակոյթին, կրօնքին դէմ նախայարձակում, անարիւն ոճիր` մարդու իրաւունքին դէմ, հասնելու համար, արեամբ կամ անարիւն եղանակով, նոյն եզրակացութեան, ամբողջացնելով ցեղասպանութիւնը:

Հայկական հարցը եւ ցեղասպանութիւնը տեսակարար տարբերութիւն ունին հրէական ողջակիզումէն, այս ճշդումը անվարան պէտք է ընել: Հրէական ողջակիզումը տնտեսական-ցեղապաշտական էր: Հայկական ցեղասպանութիւնը էապէս քաղաքական-տարածքային էր, որպէսզի օտար ներխուժողը վերջնականացնէ ՄԻՒՍԻՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒՄը:

Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կարգախօսներով հրապարակը աղմկող միջազգային համայնքը ինքնիրեն իրաւունք պէտք չէ տայ կատարուած իրողութիւն համարելու ոճիրները եւ անոնց հետեւանքները, ինչ որ դուռը բաց կը ձգէ նոր ոճիրներու: Մի՞թէ այդ չէ պատմութեան դասը:

Քաղաքագէտները եւ պատմաբանները չեն խօսիր մշակութային ինքնուրոյնութեան կորուստով շարունակուող ցեղասպանութեան մասին, հայրենահանուածներուն վիճակուած ճակատագիրն է: Արդարեւ, սփիւռքեան կացութեան մէջ մշակութային ապրող ժառանգութիւնը դատապարտուած է կորսուելու, կարգ մը գիտական ուսումնասիրութիւններ կը մնան նեղ շրջանակներու մէջ եւ փոքրամասնութիւններուն համար կ՛ըլլան placebo:

Ցեղասպանութիւնը Կը Շարունակուի

Սփիւռք-հայրենահանում եւ ապամշակութացում զիրար լրացնելով մշակութասպանութիւն են: Այս ձեւով վտանգուած ազգային հաւաքականութիւնը իրատեսութեամբ պէտք է շարունակէ Հայկական հարցի հետապնդումը, որուն ծիրին մէջ ցեղասպանութեան զանազան երանգներով ճանաչումը միայն օղակ մըն է, էջ մը, ամբողջական խնդրին բաղդատած:

Ինչպէս կ՛ըսուի` ծառը պէտք չէ ծածկէ անտառը:

Լուսաբանութիւնները պէտք չէ մերժել, բայց անոնք ազգի քաղաքականութիւն չեն ճշդեր: Պատմաբաններու աշխատանքը կարեւոր է, կրնանք գնահատել, ան կրնայ ճամբայ լուսաւորել:

Ազգային խնդրին հետապնդումը ոչ հայ ոչ ալ օտար գիտնականի կամ պատմաբանի գործ է: Ան ազգային գաղափարախօսութեան եւ ազգային իրաւունքի անշրջանցելի խնդիրն է եւ դիւանագիտական համարուած ճապկումներով մասնակի կամ համայնքային շահերու համար հիմնականէն հրաժարիլ դատապարտելի ընթացք է:

Այդ ընթացքը հայրենիքի ամբողջացումն է, ազգի բեկորներու միացումը եւ հայուն ինքնութեան պաշտպանութիւնը, որպէսզի մեր հողին վրայ մենք ըլլանք շարունակութիւն` մարդու իմացական եւ բարոյական իրաւունքներու կենսագործումով:

Ինչո՞ւ առանց իրաւ կամ կեղծ հաւատացեալ ըլլալու, մեր հաւաքական եւ անհատական կեանքին մէջ վարքագիծ չդարձնել իմաստուն քահանայապետ Յովհաննէս-Պօղոս Բ.-ի միտքը.

«Կարելի չէ հասկնալ մարդը ազգ կոչուած համայնքէն դուրս: Բնական է, որ ան չըլլայ միակ համայնքը: Յամենայն դէպս, ան մասնայատուկ համայնք մըն է, հաւանօրէն ամէնէն աւելի սերտօրէն կապուած ընտանիքին, ամէնէն կարեւորը մարդու ոգեկան պատմութեան համար»: (Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Հռոմի քահանայապետ, Վարշաւիա, 2 յունիս 1979):

21 յունիս 2018, Երեւան

———————–

* On ne peut comprendre l՛homme en dehors de cette communauté qu՛est la nation. Il est naturel qu՛elle ne soit pas l՛unique communauté. Toutefois, elle est une communauté particulière, peut-être la plus intimement liée à la famille, la plus importante pour l՛histoire spirituelle de l՛homme » Jean-Paul II, Varsovie, le 2 juin 1979.

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մարդկայնազուրկ…Եւ Իրաւազուրկ

0
0

Ոդիսակա՞ն, թէ՞ արհաւիրք: Նախագահ Տանըլտ Թրամփի անխոհեմ, կարճատես եւ անտրամաբանական գործունէութիւնը օրըստօրէ իր վրայ կը կեդրոնացնէ բոլորին ուշադրութիւնը` յաւելեալ քննադատութիւններու դուռ բանալով:

Ապօրինի գաղթականներ արտաքսելու հարցը մեծ դժգոհութեան ալիք ստեղծած եւ մելան հոսեցուցած էր, երբ այս անգամ Թրամփի ղեկավարութիւնը այլ արագ եւ կարճատես որոշում մը տուաւ, յունիս 20-ին պաշտօնապէս տեղեկացնելով, թէ Միացեալ Նահանգները կը քաշուին Մարդկային իրաւանց խորհուրդէն:

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան եւ նախագահ Թրամփի հլու կամակատար Նիքի Հէյլի յայտարարեց, թէ իր երկիրը կը քաշուի այս  խորհուրդէն, այն պատճառով, թէ քաղաքական մութ հաշիւներ կան, եւ թէ ճնշումներու իբրեւ արդիւնք մարդկային իրաւունքները զոհ դարձած են այս անհանդուրժելի մթնոլորտին:

Վստահաբար, իր սովորական դայլայլիչներով, նոյնինքն նախագահ Թրամփն ալ, իր «փորձառութեամբ», իւրայատուկ մեկնաբանութիւններով եւ անշուշտ յաւելեալ ձաբռտուքներով պիտի համոզէ, թէ տրուած որոշումը տեղին է: Հաւանաբար, ամենայն ինքնավստահութեամբ եւ անտրամաբանութեամբ, ան կրնայ առաջարկել նաեւ, թէ կրնայ վերատեսութեան ենթարկել այս որոշումը, կամ վերստին միանալ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդին, եթէ ընդհանուր կեդրոնատեղին փոխադրուի… Երուսաղէմ:

Բնական է, որ այսպիսի խորհուրդ պիտի զբաղի ընկերային, բարոյական եւ անշուշտ քաղաքական հարցերով: Նոյնիսկ արուեստի եւ մշակոյթի մէջ մասնագիտացած ՄԱԿ-ի հովանիին տակ գտնուող խորհուրդներ կը զբաղին քաղաքական հարցերով:

Այս որոշումին առնչութեամբ նոյնանման բացատրութիւններ տուաւ Թրամփի ղեկավարութեան այլ բանալի հլու կամակատար մը` արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ, որ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հէյլիի` շեշտելով, որ Ամերիկայի շահերը առաջնահերթ կը դասուին ամէն բանէ:

Հոս տեղին է հարց տալ, թէ աշխարհի ամէնէն աւելի ժողովրդավար եւ ազատամիտ երկիրներէն մէկը նկատուող Միացեալ Նահանգները պէտք չէ՞ որ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող մարդկային իրաւունքները արծարծող հարցեր նաեւ նկատի ունենան իբրեւ առաջնահերթութիւն:

Այսպէս, այս խորհուրդին մէջ էր, որ Լիպիա կախակայուեցաւ` օրուան ղեկավար Քազզաֆին խախտած ըլլալով մարդկային իրաւունքները: Այլ երկիրներու մարդկային իրաւունքներու դէմ գործած ըլլալով, երկու տարի առաջ մերժուեցաւ Ռուսիոյ գործօն անդամակցութեան իրաւունքը: Միեւնոյն մերժումը ստացան նաեւ իրենց երկրին մէջ մարդկային իրաւունքները ոտնակոխած Պիելոռուսիան ու Ազրպէյճանը:

Հոս տեղին է ընդգծել Եւրոպական Միութեան մէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ կը նշուի, թէ Միութիւնը պիտի շարունակէ պաշտպան հանդիսանալ մարդկային իրաւունքներուն ու սկզբունքներուն, թէ դժբախտաբար Միացեալ Նահանգներ կը նահանջեն ժողովրդավարութեան կողմնակից եւ քաջալեր պետութեան իրենց դերէն:

Մէկ խօսքով` ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդէն դուրս գալու Միացեալ Նահանգներու այս որոշումը կը նկատուի մարդկայնազուրկ… եւ իրաւազուրկ:


25 Յունիս 1878. Բացում` Պերլինի Վեհաժողովին. Եւրոպական Դիւանագիտութեան Տխրահռչակ Դաշնագիրը Եւ Հայկական Հարցի Միջազգայնացման Դասերը

0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

140 տարի առաջ, 1878-ի յունիս 25-ին (հին տոմարով` 13 յունիսին), կայսերական Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ, վարչապետ Օթօ Ֆոն Պիսմարք պաշտօնապէս կատարեց բացումը այսպէս կոչուած «խաղաղութեան» եւ «հաշտութեան» եւրոպական վեհաժողովին:

Հայոց պատմութեան մէջ տխրահռչակ իր տեղը ունի 1878-ի Պերլինի վեհաժողովը, որուն ամիս մը տեւած աշխատանքներու աւարտին, 24 յուլիսին, կնքուեցաւ Պերլինի հանրածանօթ դաշնագիրը: Դաշնագիր մը, որ գլխիվայր շրջեց Հայկական հարցի միջազգային եւ իրաւական նուիրագործումը կատարող Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրը` անոր հայանպաստ 16-րդ յօդուածը փոխարինելով քաղաքականապէս ամուլ եւ հայավնաս 61-րդ յօդուածով:

Թէեւ Հայկական հարցը աւելի ընդհանրական եւ մեծակշիռ` Օսմանեան կայսրութեան «հիւանդ մարդ»-ու անդամահատման հետամուտ Արեւելեան հարցին մէջ միջազգային առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանացնող համաեւրոպական առաջին քայլը հանդիսացաւ Պերլինի դաշնագիրը, այդուհանդերձ` անոր գործած անարդարութիւնը եւ հայավնաս արդիւնքը նախադէպ դարձան միջազգային հետագայ նմանօրինակ սայթաքումներու: Ամէնէն դառն ու դաժան կրկնօրինակին հայ ժողովուրդը ականատես եղաւ Պերլինի վեհաժողովէն 45 տարի ետք, դարձեալ 24 յուլիսին, բայց արդէն 1923 թուականին ստորագրուած Լոզանի դաշնագիրով, երբ մեծապետական աշխարհը նոյն ոգիով եւ աւելի ծանրակշիռ մեղսակցութեամբ` վերջնականապէս թաղել փորձեց Հայկական հարցը:

Կ՛արժէ նշել, որ ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն անտեսման առումով տխրահռչակ եղաւ Պերլինի վեհաժողովը, այլեւ` համաեւրոպական քաղաքականութեան առումով, իր գործած սխալներով ու անարդարութիւններով Պերլինի վեհաժողովը պատմութեան անցաւ, ըստ ամենայնի, իբրեւ մեծապետական շահամոլութեան, գաղթատիրութեան եւ մաքիաւելեան կարճատեսութեան տխրահռչակ բեմագրութիւն մը:

Փաստօրէն Պերլինի վեհաժողովին գործած սխալներուն իբրեւ հետեւանք «Հին աշխարհ»-ը թաւալգլոր գահավիժեցաւ դէպի Առաջին աշխարհամարտի անդունդը, որ «յարմար պահը» ընձեռեց թրքական պետութեան, որպէսզի գործադրէ Հայոց ցեղասպանութեան իր հրէշային ծրագիրը:

Պերլինի վեհաժողովի գումարման նախաձեռնեց գերման վարչապետ Պիսմարք, որ իր վարչապետական նստավայրին` երբեմնի կայսերական Ռացուիլ ապարանքին մէջ հիւրընկալեց համագումարին լիիրաւ մասնակից վեց մեծ տէրութեանց` Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Աւստրօ-Հունգարիոյ, Ռուսիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան, ինչպէս նաեւ միայն իրենց ճակատագրին առնչուող օրակարգով գումարուած նիստերուն ներկայ գտնուելու իրաւունք ստացած Յունաստանի, Ռումանիոյ, Սերպիոյ եւ Մոնթենեկրոյի բարձրաստիճան պատուիրակութիւնները:

Վեհաժողովին գլխաւոր օրակարգը Պալքանեան թերակղզիի աշխարհաքաղաքական նոր սահմանագծումն ու իրաւակարգումն էր: Բայց շարժառիթը նոյնինքն Պալքաններու խռովայոյզ վիճակը չէր այնքան, որքան Օսմանեան կայսրութեան արագընթաց տկարացումին եւ փլուզումին նոյնքան եւ աւելի արագութեամբ հետեւող ցարական Ռուսիոյ ուժեղացումն ու վերելքը` ռուսական ազդեցութեան գօտիներու ընդլայնումով` արեւմուտքէն դէպի Պալքաններ ու Սեւ Ծով, իսկ հարաւարեւելքէն դէպի հայկական նահանգներ ու Պարսկաստան:

Անշուշտ Պալքանները, ազգայնական զարթօնքի եւ սլաւոնական-ուղղադաւան ինքնահաստատման շարժումներու բուռն մթնոլորտին մէջ, ինքնին ստեղծած էին միջազգային առումով պայթուցիկ իրավիճակ մը, որ եթէ մէկ կողմէ անխուսափելի դարձուցած էր թրքական տիրապետութեան թօթափումը, միւս կողմէ ալ, սակայն, վտանգի ենթարկած էր Աւստրօ-Հունգար կայսրութեան եւ Մեծն Բրիտանիոյ «շահերը» Պալքաններու եւ ընդհանրապէս ամբողջ Արեւելքի մէջ:

Տակաւին նոր աւարտած էր 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմը` անփառունակ պարտութեան մատնելով Օսմանեան կայսրութիւնը թէ՛ կովկասեան եւ թէ պալքանեան ռազմաճակատներուն վրայ:

Մարտ 1878-ին կնքուած էր Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրը, որ ի նպաստ ցարական Ռուսիոյ` լուրջ զիջումներ պարտադրած էր Սուլթանի կառավարութեան:

– Պալքաններու մէջ Բարձրագոյն դուռը համակերպած էր Պուլկարական ինքնավար եւ ընդլայնուած սահմաններով Իշխանապետութեան մը առաջացումին, սուլթանի անուանական տիրապետութեան ներքեւ:

– Իսկ Արեւելեան ճակատի վրայ, օսմանեան կառավարութիւնը ո՛չ միայն ամբողջ նահանգներ զիջած էր յաղթական Ռուսիոյ, այլեւ` դրուած էր հայկական բարենորոգումներու իրագործման քաղաքակա՛ն ճնշումին տակ:

Այսպէ՛ս, մեծապետական ուժերու հաւասարակշռութիւնը լրջօրէն խախտած էր, բայց ո՛չ միայն Օսմանեան կայսրութեան անկումին եւ ցարական Ռուսիոյ հզօրացման առումով:

Արեւմտեան կողմն Եւրոպայի եւս տեղի ունեցած էին նոյնքան եւ աւելի մեծակշիռ փոփոխութիւններ:

Պիսմարքի Գերմանիան կրցած էր պարտութեան եւ նահանջի մատնել Աւստրօ-Հունգարիան եւ Ֆրանսան: Այս վերջիններուն ծանր հարուած հասցուցած էր նաեւ Իտալիոյ միաւորման ազգայնական շարժումը, որ յաղթական վերելքի իր տարերքին մէջ էր եւ եւրոպական գաղթատիրութենէն աւարի իր բաժինը կը պահանջէր:

Ֆրանսայի համեմատական տկարացումով եւ Գերմանիոյ հզօրացումով, փաստօրէն, Եւրոպա կորսնցուցած էր իր ֆրանսացի «հոմանուհին» եւ գտած էր իր նոր` գերմանացի «տիրակալ»-ը, ինչպէս որ 19-րդ դարավերջին եւրոպացի պատմաբան մը պատկերաւոր ձեւով բնութագրած է:

Իսկ Մեծն Բրիտանիան, եւրոպական ցամաքամասէն հեռու` ծայրագոյն Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի իր գաղութներուն հոգերով տարուած, Կլատսթոնի կառավարութեան օրով անտեսումի մատնած էր նոյնինքն Եւրոպան եւ յանկարծ կ՛անդրադառնար, որ Պալքաններու մէջ վերանայումի կ՛ենթարկուէր մեծապետական աշխարհի ընդհանուր քարտէսը` Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ համախոհութեամբ ու դաշնադրութեամբ եւ, մանաւա՛նդ, Մեծն Բրիտանիոյ բացակայութեամբ ու անտեսումով:

Այդ պատճառով ալ յատկապէս Մեծն Բրիտանիա բուռն հակազդեցութիւն ունեցաւ Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրին դէմ:

Անմիջապէս օգնութեան ձեռք երկարեց Եւրոպայի «Հիւանդ Մարդ»-ուն: Գաղտնի գործարքի մէջ մտաւ սուլթանի կառավարութեան հետ եւ, կանխի՛կ, Կիպրոսը նուէր ստանալով` ի նպաստ Օսմանեան կայսրութեան ահազանգ հնչեցուց Պալքաններուն սպառնացող սլաւոնական վտանգին դէմ: Ցարական Ռուսիոյ անհակակշռելի հզօրացումով անհանգստանալու պատճառներ ունէր նաեւ Գերմանիան. Պիսմարք լուրջ մտավախութեամբ կը հետեւէր ո՛չ միայն Պալքաններու ուղղութեամբ Ռուսիոյ յաղթական յառաջխաղացքին, այլ նաեւ Եւրոպայի մեծապետական հաւասարակշռութեան խախտումին եւ Գերմանիոյ նկատմամբ Մեծն Բրիտանիոյ թշնամական տրամադրութեանց սրումին:

Պիսմարք անհրաժեշտ հոտառութիւնը ունէր, որպէսզի արագ շարժէր եւ պահպանէր կացութեան տէրը ըլլալու իր առաւելութիւնը:

Այդպէ՛ս ալ եղաւ:

Պիսմարք նախաձեռնեց Պերլինի վեհաժողովին գումարումին եւ անձամբ ղեկավարեց անոր աշխատանքները` աշխարհի ճակատագիրը միասնաբար ղեկավարելու ընդհանուր համախոհութիւն մը առաջացնելով եւրոպական մեծ տէրութեանց միջեւ:

Բայց ի՞նչ գնով:

Պերլինի դաշնագիրը դժգոհ ձգեց առաջին հերթին Պալքանեան թերակղզիի ժողովուրդները, ուղղադաւան ըլլան անոնք թէ կաթոլիկ, որոնք Օսմանեան կայսրութենէն ազատութիւն ու անկախութիւն կը պահանջէին:

Սան Սթեֆանոյի մէջ կեանքի կոչուած կիսանկախ եւ միացեալ մեծ Պուլկարիան, որ Պալքաններու քրիստոնեայ ազգութեանց համակեցութեան եւ հետագայ անկախացման երաշխիքը պիտի ըլլար, վերստին մասնատուեցաւ եւ ամբողջապէս դրուեցաւ օսմանեան տիրապետութեան տակ:

Պիսմարք շատ լաւ կ՛անդրադառնար, որ պարզապէս աւարի բաժանման շուրջ գոյացած համախոհութիւն էր իր ձեռք բերած… յաջողութիւնը Պերլինի վեհաժողովի աւարտին:

Ազատութիւն եւ արդարութիւն պահանջող ժողովուրդներու ձայնը պարզապէս խեղդուեցաւ Պերլինի վեհաժողովին` մեծ տէրութեանց նեղ շահամոլական յաղթագոռ ելոյթներու ճնշումին տակ:

Աւելի՛ն. պատմաբաններու ընդհանուր եզրակացութեամբ, Պերլինի վեհաժողովը պարզապէս ծառայեց Պալքանեան վառօդի տակառը սոսկ ծածկելու նպատակին…

Եւ այսօր, Պերլինի վեհաժողովի բացումէն 140 տարի ետք, որքան դիպուկ իր ախտաճանաչումը կը պահպանէ նոյնինքն Պիսմարքի մարգարէական նախատեսութիւնը` Պալքաններու մէջ եւրոպական մեծ տէրութեանց դրսեւորած ընչաքաղցութեան եւ կարճատեսութեան հետեւանքին վերաբերեալ.

«Եւրոպան այսօր վառօդի տակառ մըն է, իսկ անոր ղեկավարները նման են զինարանի մը մէջ ծխող մարդոց… մէկ հատիկ փոքր կայծ մը կրնայ յառաջացնել այնպիսի պայթիւն մը, որ պիտի սպառէ բոլորս… Չեմ կրնար ըսել ձեզի, թէ այդ պայթիւնը ե՞րբ պիտի պատահի, բայց կրնամ ըսել, թէ ո՞ւր…

«Պալքաններու մէջ անիծեալ ապուշ բան մը պիտի յառաջացնէ այդ պայթիւնը…»:

Դժբախտաբար իրականացաւ Պիսմարքի նախատեսութիւնը:

Ամբողջ մարդկութեան գլխուն պայթեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմը` աշխարհակործան իր հետեւանքներով:

Իսկ հայ ժողովուրդը ծանրագոյն գինը վճարեց Մեծապետական Խաղին` զոհ երթալով թրքական պետութեան ծրագրած ու գործադրած 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան:

Պերլինի վեհաժողովին ծանրակշիռ դասերը այսօր եւս կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը եւ պարբերաբար պէտք է բանալ անոր ծալքերը, որպէսզի վաղը դարձեալ չիյնանք մահացու հարուածի տակ:

Այսօրուան պայմանները հիմնովին բարեփոխուած են անշուշտ:

 

 

ՀԵՀՈՄ-ը Կը Նշէ Իր Հիմնադրութեան 55-ամեակը

0
0

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեաններու, շաբաթ, 23 յունիս 2018-ին, Տըպպայայի «Լը Ռուայալ» պանդոկի «Ռուպի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական  ուսանողներու միութեան հիմնադրութեան 55-ամեակի նշումը, որուն ներկայ էին նախկին թէ ներկայ ՀԵՀՈՄ-ականներ, ազգայիններ, բարերարներ եւ ՀԵՀՈՄ-ի բարեկամներ: Ընթրիքին հայրենասիրական եւ ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ հայրենի երգիչ Սեւակ Ամրոյեան:

Վեհափառ հայրապետին ժամանումէն եւ սեղանի օրհնութենէն ետք ընթացք առաւ յայտագիրը, ուր բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀԵՀՈՄ-ի ատենապետ` Կարէն Եօսուլքանեան: Բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ան հակիրճ ակնարկ մը նետեց ՀԵՀՈՄ-ի անցնող 55 տարիներու գործունէութեան վրայ: Աւելի քան կէս դար առաջ, հայ ուսանողներ ինքնակամ կերպով հաւաքուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարկին տակ ու ծնունդ տուած ՀԵՀՈՄ-ին: Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց կաթողիկոսին եւ շնորհաւորեց հայրապետին աբեղայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը, ինչպէս նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց հանդիսութեան նախագահին եւ բարերարներուն:

Բացման խօսքէն ետք ներկաները դիտեցին ՀԵՀՈՄ-ի մասին պատմական կարճ տեսերիզ մը ու վայելեցին ՀԵՀՈՄ-ականներու պատրաստած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրը:

Նկատի ունենալով, որ ՀԵՀՈՄ-ի 55-ամեակը կը զուգադիպի նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսին 50-ամեակին, ՀԵՀՈՄ-ը դիմած էր արուեստագէտ Րաֆֆի Ետալեանին, որպէսզի վեհափառ հայրապետին յիսնամեայ ծառայութեան վայել արուեստի գործ մը նուիրէ: Վերջինս` ներշնչուած կաթողիկոսին գործունէութենէն եւ անհատականութենէն, քանդակած էր հայրապետին կիսանդրին: Արուեստագէտը իր  քանդակի գործը վեհափառ հայրապետին նուիրելէ ետք խօսք առնելով` ըսաւ, որ իր այս գործին մէջ փորձած է ամփոփել հայրապետին դէմքին ցոլացող քրիստոնէական խոնարհութիւնը եւ հայուն արդար պահանջատիրութիւնը:

Աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատեց ՀԵՀՈՄ-ի 55-ամեակի նշման համար տարուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ բոլոր ազգայիններուն նախանձախնդրութիւնը հայ համալսարանականներուն նկատմամբ` նշելով, որ բարձրագոյն ուսումն ու կրթութիւնը, ուսանողներուն կողմէն տարուած զոհողութեան եւ յարատեւ աշխատանքով, կը նպաստեն գլխագիր մարդ պատրաստելուն: Ուսանողներուն մասնագիտութիւններն ու կազմութիւնը խթան կը հանդիսանան հայ ազգին ու եկեղեցւոյ յառաջդիմութեան: Այս առիթով, ան յորդորեց բարերարներն ու ազգայինները նպաստելու ուսանողներուն, որպէսզի նիւթականը պատճառ չըլլայ անոնց ուսման թերի աւարտին: Ապա, խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն, հայրապետը յանձնարարեց անոնց մօտ մնալ հայկական գաղութներուն ու գործունեայ ներկայութեամբ նպաստել ազգի կեանքին բարգաւաճման ու  նոր որակ տալուն:

Վեհափառ հայրապետին մեկնումէն ետք Սեւակ Ամրոյեան ազգային ու հայրենասիրական երգերով ճոխացուց հանդիսութիւնը:

Նշենք, որ ընթրիքին հասոյթով սկիզբ պիտի դրուի Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական Ուսանողներու միութեան ուսանողական ֆոնտին:

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակ. Որո՞ւ Հրամանով 11-12 Ապրիլ 1918-ին Կարսը Յանձնուեցաւ Թուրքերուն

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի Հ1 հանրային հեռատեսիլի ընկերութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով 28 մայիս 2018-ին պատրաստած էր «Հայոց պետականութեան վերածնունդը» խորագիրով «պատմական-վաւերագրական» հաղորդաշար մը   ` չորս մասով. Ա. մասը` 36:39 տեւողութեամբ (1), Բ. մասը` 36:11 (2), Գ. մասը` 30:07 (3) եւ Դ. մասը 31:08 (4), ընդհանուրը` 2 ժամ եւ 34:05:

Դժբախտաբար հաղորդաշարին ձգած ընդհանուր տպաւորութիւնը բնա՛ւ չէր համապատասխաներ իր խորագիրին` այս տօնակատարութեան հպարտառիթ, պայծառ ու պանծալի խորհուրդին` վեց դարու գերութենէն ետք, հայ ժողովուրդին մայիսեան փառաւոր հերոսամարտերուն շնորհիւ, հայոց պետականութեան վերածնունդին:

Խատիսեան եւ հայկական բանակը ազատագրուած` Սարիղամիշի կայարան 1919-ին

Կարելի չեղաւ իմանալ, որ այս ծրագիրին խմբագրական կազմը եւ գլխաւոր խմբագիրը ովքեր էին, սակայն 11 զանազան տիտղոսաւոր պատմաբաններ մասնակցած էին յայտագիրին, առաւել, աներեւոյթ խօսնակը, այսպէս, խառն շարքով` Տէր Ասողիկ քահանայ Կարապետեան, Աշոտ Մելքոնեան, Յովիկ Գրիգորեան, Էտկար Յովհաննէսեան, Էտիկ Մինասեան, Ալեքսան Յակոբեան, Ամատունի Վիրաբեան, զինուորական` Սուրէն Մարտիկեան, Կարէն Արիստակէսեան, Գէորգ Խուրդինեան եւ Համօ Սուքիասեան, յուսամ այլ անուններ չվրիպեցան:

Թող ներեն վերոնշեալ անձերը, որոնք հաւանաբար տեղեակ չէին վերջնական` ընդհանուր խմբագրուած յայտագիրի բովանդակութենէն եւ ներկայացումէն: Կարծէք ճիգ մը կար իւրաքանչիւր մասնակցողէ մէկ-երկու վայրկեան տեւողութեամբ խօսքերը խառն շարքով իրարու կցելով շփոթ ստեղծելու, աներեւոյթ խօսնակին ձգելով շաղկապել այս խառն խօսքերու շարքը, ուր բնա՛ւ յարգուած չէր պատմական ժամանակագրական յաջորդականութիւնը…

Արդէն իսկ նախաբանին մէջ, խօսնակը պարտուողական` յուսահատական այս խօսքերով կը սկսի. «Հազարամեակների ընթացքում ան (հայ ժողովուրդը) ունեցել է մեծ վերելքներ եւ անխուսափելի վայրէջքներ»… Հարց պիտի տամ խօսնակին եւ խմբագիրին, թէ ինչո՛ւ համար «անխուսափելի» են վայրէջքները, հայ ժողովուրդը տեւաբար կարողութիւնը չունի՞ պահպանելու վերելքները: Կարելի չէ՞ր զանց առնել «անխուսափելի» բառը… Ուրեմն այս տրամաբանութեամբ, այժմ պէտք է անխուսափելի վայրէ՞ջք մը ակնկալենք…

Իսկ ամէնէն ընդվզեցուցիչն էր օրուան խորհուրդին` մայիսեան հերոսամարտերուն հակասող վերջաբանը` եզրակացութիւնը, խօսնակը 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին մասին կ՛ըսէ. «Սա պատմութեան նուէ՞րն էր հայ ժողովուրդին, թէ առանձին առաջադէմ գործիչների ծրագրի արդիւնքը, դժուար է ասել»… Կարելի՞ է այսպիսի նախաբանով եւ վերջաբանով Հայոց հերոսական պետականութեան վերածնունդը տօնել: Տակաւին պոլշեւիկեան օրե՞րը կ՛ապրինք…

Նկատողութիւն մը նաեւ ներկայացման ձեւին եւ արհեստագիտութեան մասին: Ըստ երեւոյթին, բեմադրիչը (տիրիժոր) կա՛մ տեղեակ չէ տեսարաններու արագ փոփոխութեան վնասէն, կամ կ՛ուզէ չարչարել դիտողը: Անդադար արագ փոխուող ու մերթ ընդ մերթ փայլատակող պատկերասփիւռի պաստառին յետնամասով եւ վաւերագրական հին ժապաւէններու ցուցադրութեան ժամանակ ձիւն տեղացնելով եւ լոյսի ու շուքի խաղերով (effects) կարծէք փորձ կը կատարուի այդ ոչ յստակ ժապաւէնները աւելի անյստակ դարձնել… վասն ինչի՞:

Վերոնշեալ պատմաբաններուն հանդէպ արդար ըլլալու համար, պէտք է յստակացնել հետեւեալը.

  1. Իւրաքանչիւրը նկարահանուած է առանձինն իր գրասենեակին կամ ուրոյն միջավայրին մէջ եւ ոչ թէ խմբային կերպով Հ1-ի տաղաւարին մէջ:
  2. Արդեօք որոշ հարցումներո՞ւ պատասխանած են անոնք, թէ՞ իւրաքանչիւրը անկախութեան ընդհանուր պատմութիւնը պատմած է եւ խմբագիրները իւրաքանչիւրէն մէկ երկու վայրկեաննոց հատուածներ առած եւ իրարու կցած` յայտնի չէ:
  3. Դժբախտաբար սակայն, այն տպաւորութիւնը կ՛ունենանք, որ բեմադրիչը կամ խմբագիրը այս ձեւով 11 պատմաբանի հաւաքական վաւերական հաւաստիքն է, որ կը ներկայացնէ: Արդեօք իւրաքանչիւրը համաձա՞յն են ներկայացուածին ամբողջութեանը:

Դժուար է 2 ժամ 34:05 տեւողութեամբ պատմական այս հաղորդաշարին մասին մանրամասն անդրադառնալ, թէեւ բազմաթիւ են նկատողութիւնները, սակայն պիտի նշեմ միա՛յն հետեւեալ երեքը:

Ա. Արամ Մանուկեանի կենսագրութեան ներկայացման մէջ, անոր` ՀՅԴ-ի անդամակցութեան մասին յիշատակում չեղաւ:

Բ. Սեւրի դաշնագիրին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Հայաստանի սահմանները ճշդելու իրաւարար դերը կարեւորութեան չէր արժանացած, յիշատակութիւնը հպանցիկ անցաւ, հակառակ անոր որ ցուցադրուած վաւերագրական ժապաւէններուն կարեւոր մասը կը վերաբերէր «Ամերիկեան զինուորական առաքելութիւն դէպի Հայաստան»` զօրավար Հարպորտի օգոստոս 1919-ին սկսած առաքելութեան եւ Հայաստան այցելութեան:

Յիշատակում չեղաւ 29 յունուար 2015-ի Համահայկական հռչակագիրին, որ ներառած է Սեւրի դաշնագիրը իբրեւ փաստաթուղթ` հետեւեալ հատուածով. «… Ինչպէս նաեւ` 1920 օգոստոս 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի եւ 1920 նոյեմբեր 22-ի` Միացեալ Նահանգների նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցին մէջ»: Պէտք էր յստակօրէն շեշտուէր այս հռչակագիրը եւ հաստատել իրաւարար վճիռով սահմանուած, տակաւին ի զօրու` Հայաստանի քարտէսին վաւերականութիւնը (5), (6), (7): Միացեալ Նահանգներու նախագահին ստորագրութիւնը եւ նախագահական կնիքը կրող դաշնագիրին այս քարտէսը ամերիկեան օրէնքով վերածուած է ամերիկեան պետական օրէնքի (law of the land) Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեան 6-րդ յօդուած:

Գ. Գէորգ Խուրդինեան չորրորդ մասին մէջ` (11-11:51-րդ վայրկեան) (4) ըսաւ. «Մենք չէինք հասցրել ձեւաւորել մեր ուժային համակարգը. այդ ուժային համակարգը հանդիսանում էր ցարական Ռուսաստանի համապատասխան ուժային համակարգի շարունակութիւնը եւ այս սպաները, որոնք որ փրկեցին Սարդարապատի ճակատամարտում` այդ յաղթանակ ձեռք բերողները եղան, եւ այդ նո՛յն սպաներն էլ  յանձնեցին Կարսը: Որով յանձնեցի՛ն (յանդիմանական ոճով) ոչ թէ գրաւուեց թուրքերի կողմից: Բառից բուն իմաստով յանձնեցի՛ն…: Որով նոյն Կարսով հնարաւորութիւն կար հակայարձակման միջոցով վերականգնել նոյն դիրքերը, ընդ որում մեր զօրքը ունէր նաեւ քանակական առաւելութիւններ ե՛ւ հզօր ամրացումներ, ե՛ւ թնդանօթներ ունէր. ամէն ինչ ունէր յաղթելու համար: Կարսը չի՛ գրաւուել, Կարսը յանձնուե՛լ էր»… թէ ի՞նչ էր պատճառը այս յանձնումին` չըսաւ: Դժբախտաբար այս հաստատումը թէեւ մասամբ ճշգրիտ, սակայն ամբողջական չէ, եւ լրիւ պատկերը չի ներկայացներ: Ինչո՞ւ:

Նախ, ժամանակագրական կարեւոր յստակեցում մը` Սարդարապատի ճակատամարտը աւելի ուշ` 28 մայիս 1918-ին յաղթական աւարտ ունեցաւ: Իսկ Կարսի բերդը յանձնուեցաւ 11-12 ապրիլ 1918-ին, երբ տակաւին Անդրկովկասի կոմիսարիատը` Սէյմը, ի զօրու էր, եւ Անդրկովկասի, ներառեալ հայկական զինուորական հրամանատարութիւնը ենթակայ էր անոր` յանձինս վրացի նախագահ Ակակի Չխենկելիին եւ կովկասեան բանակի հրամանատար` վրացի զօրավար Իլիա Օտիշելիձէին, որ հեգնօրէն, յարձակող թրքական բանակի հրամանատար Մեհմետ Վեհիպ փաշային փեսան էր…

Ռուբէն Մինասեան կը գրէ. «Վրացիները տաճկական հովանաւորութիւն չէին ուզեր, բայց հայերի կշիռը չնչին դարձնելու համար Անդրկովկասում, կը բաղձային, որ տաճիկները խլեն հայերի ձեռքից Տաճկահայաստանը, եւ այդ ուղղութեամբ կովկասեան ճակատի հրամանատար Վեհիպ փաշայի խնամի Օտիշելիձէի միջոցով հարկ եղածը կը տնօրինէին» (8):

Իսկ «Ուիքիփետիա»-ի «Հայ ժողովուրդի մայիսեան հերոսամարտեր» էջին մէջ, որ ընտրուած է հայերէն «Ուիքիփետիա»-ի օրուան (լաւագոյն) յօդուածը, կ՛ըսէ. «Տրապիզոնի հաշտութեան բանակցութիւններու ձախողութենէն ետք, թրքական զօրքերը կ՛արշաւեն Արեւելեան Հայաստան: 1918-ի մարտի վերջը կ՛իյնայ Սարիղամիշը: Կովկասեան բանակի հրամանատար վրացի զօրավար Իլիա Օտիշելիձէ, Ակակի Չխենկելիի հրամանով 11-12 ապրիլ 1918-ին, գրեթէ առանց կռիւի, թշնամիին կը յանձնէ լաւ ամրացուած Կարսի բերդը, որուն պաշտպանութեան հրամանատարը նշանակուած էր զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանը (9):

«1917-ի ձմեռուան ողբերգական ժամանակաշրջանին կովկասեան զօրաճակատում, ուր մեր փոքրաթիւ ազգային զօրամասերը օրհասական դիմադրութիւն էին ցոյց տալիս իրենցից գերազանցօրէն ուժեղ հակառակորդին, Միշա (Միքայէլ) Արզումանեանը իր մասնակցութիւնը բերաւ հայրենիքի պաշտպանութեան գործին` ստանձնելով Կարսի պաշտպանութիւնը, իբրեւ բերդի քաղաքական կոմիսար: Նա բերդի հրամանատար զօրավար Դէեւի հետ միասին կազմակերպեց բերդի պաշտպան ուժը: Եթէ անդրկովկասեան կառավարութեան զինադադարի հետ կապուած չարաբաստիկ կարգադրութիւնը չլինէր, բերդի հրամանատարութեան կողմից ամիսների ընթացքում տարուած աշխատանքները բերդի պաշտպանութեան համար` թերեւս այլ արդիւնք տային» (10):

Սիմոն Վրացեան կը գրէ, որ Թիֆլիսի մէջ բոլորովին անտեղեակ էին Չխենկելիի գործողութիւններէն: «Այս բոլոր հրամաններն ու կարգադրութիւնները կատարուեցան կովկասեան բանակի ընդհանուր հրամանատար Լեպետինսկիէն անկախ, Սեյմէն ու հրաւիրուած նոր նախարարներէն գաղտնի, միայն Չխենկելիի անձնական պատասխանատուութեամբ: Ոչ ոք տեղեկութիւն ունէր Չխենկելիի առած քայլերուն մասին: Եւ, ինչ որ պակաս տարօրինակ չէ, հեռագրական սովորական կապն ալ հայկական բանակի եւ հայոց Ազգային խորհուրդի միջեւ կտրուած էր, եւ Թիֆլիսի մէջ ոչ ոք գիտէր, թէ ի՛նչ կը կատարուէր հայկական ռազմաճակատին մէջ, մինչ այդ հայ ժողովուրդին համար ողբերգական հետեւանքներ ունեցող դէպքեր կը զարգանային (11)»:

Մարտ 1918-ի վերջաւորութեան հայկական բանակի ստորաբաժանումները Սարիղամիշէն նահանջած էին: Զօրավար Նազարբէկեանը իր յուշերուն մէջ կը նշէ, որ Սարիղամիշի ուղղութեամբ յարձակող թրքական ուժերը շատ քիչ էին, եւ նահանջը ոչ մէկ կերպով արդարացուած էր: Ուշագրաւ է նաեւ հայկական զօրքի հրամանատարին այն նկատողութիւնը, որ տակաւին մարտի կէսին ինքը Օտիշելիձէէն հեռագիր ստացած էր, որով պէտք էր Կարսի մէջ պահէր միայն երեք օրուան պարէն, իսկ մնացածը անյապաղ ուղարկէր Թիֆլիս:

30 մարտ 1918-ին  Նազարբէկեանը նամակ կը ստանայ Անդրկովկասեան կառավարութեան տնտեսական նախարար Կարճիկեանէն, որով զինք կը տեղեկացնէին, որ Տրապիզոնի մէջ Անդրկովկասի ներկայացուցիչները ընդունած են Պրեստ-Լիտովսկիի հաշտութիւնը: «Պարզ է, որ կառավարութիւնն ու Սեյմը ստիպուած կ՛ըլլան վաւերացնելու դաշնագիրը, եթէ մեր ճակատի կացութեան մէջ խոշոր փոփոխութեան յոյս ու վստահութիւն չներշնչէ», գրած էր Կարճիկեանը: Ան կը խնդրէր Նազարբէկեանէն հնարաւորութեան պարագային, նոյնիսկ արկածախնդրութեան դիմելով, գրոհել եւ ազատագրել Սարիղամիշը: Սակայն, ըստ Նազարբէկեանի, այդ հնարաւոր չէր, քանի որ զօրքին մարտական ոգին ինկած էր: Նազարբէկեանը նաեւ գրած է, որ եթէ Ազգային խորհուրդի անդամները ներկայ ըլլային զինուորներուն հետ, ապա կ՛իմանային, որ այդ «տրամադրութիւններով դժուար է որեւէ, նոյնիսկ փոքր, նոյնիսկ թէկուզ մասնակի յաջողութեան յոյս ունենալ»: Այդ պատճառով ան իր հիմնական ուշադրութիւնը բեւեռած էր Կարսին եւ կը փորձէր առաւելագոյնս ապահովել բերդի պաշտպանութիւնը:

10 ապրիլ 1918-ին զօրավար Նազարբէկեան հետեւեալ տխրահռչակ հեռագիրը կը ստանայ. «Առաջարկում եմ, համապատասխան Անդրկովկասեան կառավարութեան կողմից Թուրքիայի հետ կնքուած զինադադարին, յանձնել Կարսի բերդը, ամբողջ ռազմաճակատում դադարեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ բանագնաց ուղարկել Կարսի բերդի դատարկման ժամկէտն ու պայմանները մշակելու համար: Ձեր զօրքերը պէտք է ետ քաշուին բերդի ամրոցներէն, իսկ թուրքական զօրքերը` կանգ առնեն երկու քիլոմեթրի վրայ, չհասած բերդի ամրոցներուն: Կարսի մարզի շրջանը մինչեւ Ալեքսանդրապոլ պէտք է մաքրուի 3 օրուան ժամկէտում:

Անդրկովկասեան կառավարութեան նախագահ Ա. Չխենկելի  ռազմական նախարարի փոխարէն Օտիշելիձէ»:

Նազարբէկեան կը փորձէ կապուիլ Թիֆլիսի Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ, սակայն չի յաջողիր: Ան կը խորհրդակցի զինուորականներուն հետ, որոնք բոլորն ալ կ՛առաջարկեն ենթարկուիլ հրամանին: Թուրքերուն հետ կը բանակցին գնդապետ Մորելը եւ Կարսի կայազօրի պետ Դէեւը. ապրիլ 11-ին Նազարբէկեանին կը յանձնարարեն ամբողջ զօրքը տեղափոխել Ալեքսանդրապոլ, որուն կը հետեւին շուրջ 20 000 բնակիչներ: Ապրիլ 12-ին` երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Կարս կը մտնէ թրքական 11-րդ զօրաբաժինի առաջապահ մասը» (12):

Միթէ Գէորգ Խուրդինեանը եւ այս վաւերագրական հաղորդաշարին խմբագիրը(ները) տեղեակ չէի՞ն այս բոլորէն… Ինչո՞ւ կիսատ-պրատ իրականութիւն հաղորդել` նսեմացնելով հայ զօրավարները եւ զօրքը: Ա՞յս է պատմաբաններուն դերը, թէ՞ ամբողջ իրական պատմութիւնը ներկայացնել:

26 յունիս 2018

———————

1.- http://www.youtube.com/watch?v=rF7jqM0jXZs

2.- https://youtu.be/2IJKSba_Czk

3.- http://149.56.120.35/video/FNvrtSpa0F8/-3/

4.- https://youtu.be/JyLk7waRW5U

5.- http://www.aztagdaily.com/archives/359654

6.- http://www.aztagdaily.com/archives/359818

7.-  http://www.aztagdaily.com/archives/315557

8.- «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Ռուբէն Տէր Մինասեան, 7-րդ հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, 1979, Պէյրութ, էջ 134:

9.-  https://hy.wikipedia.org/wiki/Հայ_ժողովուրդի_մայիսեան_հերոսամարտեր

10.- http://www.aztagdaily.com/archives/397046

11.- «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», «Երկունք» գլուխ, էջ 109:

12.- http://republic.mediamax.am/story/25/

 

Մնալ Սեփական Կոչման Բարձրութեան Վրայ

0
0

ԼԷՈՆԻԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
«Ազատ Արցախ»-ի գլխաւոր խմբագիր

«Ազատ Արցախ» թերթը 95 տարեկան է: Յոբելեանական օրերին ընդունուած է յետադարձ հայեացք ձգել` գնահատելու անցած ուղին, հանրագումարի բերելու արդիւնքները:

Չխախտենք աւանդոյթը, բայց անցեալին նայենք առաջին հերթին նրա համար, որպէսզի վերադառնանք մեր արմատներին, վերյիշենք մեր «նախածնողին»: Ներկայիս «Ազատ Արցախ»-ին կեանք է պարգեւել 1923թ. յունիսին լոյս տեսած «Ղարաբաղի գեղջուկ» թերթը, որն այդ անուան տակ երկար չգոյատեւեց: Հրատարակութեան գրեթէ մէկդարեայ պատմութեան ընթացքում այն ղեկավարել են աւելի քան 25 խմբագիրներ, որոնցից իւրաքանչիւրն իր ներդրումն է ունեցել նրա ստեղծագործական կենսագրութեան մէջ: Բայց, կարծում ենք, արդարացի կը լինէր այսօր յիշատակել նրա առաջին խմբագրի անունը` այն դարձաւ Ղարաբաղի գաւառային կոմիտէի քարտուղար Սերօ Մանուցեանը, ով այդ պաշտօնում աշխատել է մինչեւ 1924 թուականը: Հետագայում թերթը վերանուանուել է «Խորհրդային Ղարաբաղ»` այս անուան հետ թեւակոխելով ոչ մէկ տասնամեակ, երկար ժամանակ լոյս է տեսել որպէս «Սովետական Ղարաբաղ», իսկ ԽՍՀՄ փլուզումից յետոյ, փոխելով եւս մի քանի անուններ, 1998 թուականից սկսեց կոչուել «Ազատ Արցախ»:

Բնականաբար, փոխւում էր ոչ միայն թերթի անուանումը: Փոխւում էին ժամանակները, իսկ նրանց հետ, ի հարկէ, փոփոխութիւն էր կրում թերթն ինքը, որը պատմական այս կամ այն ժամանակաշրջանում արտացոլում էր կեանքի երեւոյթները: Միանգամայն օրինաչափ է, որ 20-ական թուականներին թերթը ծառայում էր ԼՂԻՄ-ում նոր, կոմունիստական գաղափարախօսութեան ու միջազգայնութեան գաղափարների քարոզչութեանը: Ի հարկէ, լինելով իր ժամանակի իսկական ծնունդը, «Խորհրդային Ղարաբաղը» կոմունիստական կուսակցութեան քաղաքականութեանը համապատասխան քարոզում էր միջազգայնութեան ու ժողովուրդների բարեկամութեան ինքնին ազնիւ սկզբունքները, որոնք, սակայն, այն արատաւոր համակարգի շրջանակներում ստայօդ էին, ինչը հաստատուեց խորհրդային գաղափարախօսութեան փլուզմամբ: Այսօր` անցած տարիների բարձունքից, ինչ-որ մէկը կարող է հեգնանքով եւ անգամ մեղադրանքով վերաբերուել «Խորհրդային Ղարաբաղ»-ի այն ժամանակուայ աշխատակիցների աշխատանքին, բայց, կարծում ենք, այնուամենայնիւ, պէտք է ներողամիտ լինել, քանի որ կասկած չկայ, որ իրենց հրապարակումներում նրանք առաւելագոյնս անկեղծ էին, քանզի հաւատում էին կոմունիստական առաջնորդների մտադրութիւնների ու նրանց քարոզած արժէքների անաղարտութեանը: Ինչպէս ասում են` երգից բառերը դէն չես նետի: Դա նոյնպէս մեր պատմութիւնն է, եւ այն պէտք է իմանալ ու յարգել, թող որ նրա մռայլ էջերով հանդերձ գոնէ այն բանի համար, որ նրանից դասեր քաղենք:

Խորհրդային շրջանում, հակառակ խօսքի ազատութեան սահմանափակման եւ պետական խիստ գրաքննութեան հետ կապուած հսկայական դժուարութիւնների, շնորհիւ իր տաղանդաւոր աշխատակիցների, ովքեր ներկայացնում էին մտաւորականութիւնը բառիս ամենավեհ իմաստով, թերթին, այնուամենայնիւ, յաջողուեց պահպանել ազգային ինքնութիւնը, լինել ժողովրդի շահերի արտայայտողը: Ահա դրա խօսուն փաստերից մէկը. 1960-ական թուականներին Հայաստանի հետ Արցախի վերամիաւորման պահանջով ԽՄԿԿ Կենտկոմ ուղարկուած յայտնի նամակի 13 հեղինակներից 5-ը տարբեր տարիների աշխատել են մեր թերթի խմբագրութիւնում` Բագրատ Ուլուբաբեան, Լազր Գասպարեան, Բոգդան Ջանեան, Մաքսիմ Յովհաննիսեան, Գուրգէն Գաբրիէլեան:

Արդէն 80-ականներին` Ղարաբաղեան շարժման ժամանակաշրջանում, «Խորհրդային Ղարաբաղ»-ն արդարացիօրէն վաստակել է ղարաբաղցիների ազգային-ազատագրական պայքարի ճշմարիտ տարեգրի փառքը` կանգնելով իր ժողովրդի կողքին: Հէնց այդ ժամանակ էր թերթի տպաքանակը հասել իր գագաթնակէտին` կազմելով գրեթէ 100 հազար օրինակ, եւ այն տարածւում էր ոչ միայն Արցախում ու Հայաստանում, այլեւ նրանց  սահմաններից շատ հեռու: Այն իրավիճակում, երբ խորհրդային կենտրոնական մամուլը բացայայտ սուտ էր տարածում Ղարաբաղեան շարժման մասին, մեր թերթի ճշմարտացի խօսքը չափազանց պահանջուած էր: Թերթի նշանակութիւնը, նրա կողմից իրականացուող առաքելութեան կարեւորութիւնը հասկանում էին, ի հարկէ, նաեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, որոնք ամէն ինչ անում էին նրա գործունէութեանը խոչընդոտելու համար: Այն տարիներին տողերիս հեղինակն աշխատում էր «Խորհրդային Ղարաբաղ» թերթում եւ կարող է վկայել, որ լրագրողներն ստիպուած էին աշխատել Ազրպէյճանի քաղաքական ու գաղափարախօսական ճնշման ծանրագոյն պայմաններում, ռազմական գրաքննիչի մշտարթուն հսկողութեան ներքոյ, որը խմբագրութիւնում նշանակուել էր միութենական Կենտրոնի յանձնարարականով: Չնայած անասելի դժուարութիւններին, այնուամենայնիւ, յաջողուեց ճեղքել Լեռնային Ղարաբաղի տեղեկատուական շրջափակումն ու Շարժման մասին ճշմարտութիւնը հասցնել ոչ միայն հայ հանրութեանը, այլեւ նախկին ԽՍՀ եւ արտասահմանեան երկրների հազարաւոր ընթերցողներին: Իսկ խմբագրութեան շէնքն ինքը դարձել էր Շարժման իւրատեսակ շտապ, որտեղ յաճախ էին անցնում «Կռունկ» կոմիտէի նիստերը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման հետ փոխուեց նաեւ թերթի կարգավիճակը, որը դարձաւ հանրապետական: Կարեւոր է, սակայն, նշել, որ անփոփոխ է մնացել թերթի հիմնական առաքելութիւնը` լինել ժողովրդի շահերի ու իղձերի արտայայտողն ու ջատագովը, իսկ այսօր նաեւ պաշտպանել պետութեան շահերը: Նրա գլխաւոր նպատակներն են` համակողմանի լուսաբանել ԼՂՀ հասարակական-քաղաքական, ընկերային-տնտեսական եւ մշակութային կեանքը, վեր հանել եւ օգնել լուծելու հանրապետութեան ու նրա քաղաքացիների համար հրատապ խնդիրները: Ազրպէյճանի հետ շարունակուող դիմակայութեան պայմաններում պատերազմը տեղափոխուել է նաեւ տեղեկատուական ոլորտ, նշանակում է` թերթի գերակայ խնդիրներից մէկն է նեցուկ կանգնել Արցախի Հանրապետութեան դիրքորոշմանը եւ մերկացնել ազրպէյճանական քարոզչութեան կեղծիքը:

Յենուելով թերթի լրագրողների նախորդ սերունդների փորձի ու ձեւաւորուած բազմամեայ աւանդոյթների վրայ, «Ազատ Արցախ»-ի աշխատակիցները ձգտում են լինել իրենց կոչման բարձրութեան վրայ` ընթերցողին հասցնել ճշմարտութիւնը, գիտակցել պատրաստուած նիւթի արժանահաւատութեան, առարկայականութիւնը ու որակի համար նրա առաջ պատասխանատուութեան ողջ չափը, իմանալ խօսքի արժէքը: Մեզ համար թանկ է ընթերցողի վստահութիւնը, ով հաւատում է մեր թերթին: Մեր ընդհանուր թերթին:

Իսկ ինչ վերաբերում է ամփոփելուն… Չենք պատրաստւում դա անել, քանի որ մեր թերթն ապրելու դեռ երկա՛ր ճանապարհ ունի: Մաղթենք նրան ստեղծագործական երկարակեցութիւն: Մեզ բոլորիս շնորհաւորում եմ յոբելեանի առթիւ:

 

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Ույղուրները, Չինաստանը Եւ Թուրքիան

0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ույղուրները կը պատկանին թրքական ցեղերու, որոնք կը գտնուին Չինաստանի հիւսիսարեւմտեան շրջանը` Զինկժանք նահանգին մէջ եւ իրենց հայրենիքը կը կոչեն Արեւելեան Թուրքեստան: Մեծ մասամբ կը պատկանին սիւննի իսլամական դաւանանքին եւ թրքախօս են, ժամանակին կը կոչուէին Չինաստանի թաթարներ, իսկ անոնք իրենք զիրենք կ՛անուանեն «արեւելեան թուրքեստանցի» կամ «թուրք»:

1988-ին, Զէյտին Եուսուֆի ղեկավարութեամբ,  անոնք հիմնեցին Թուրքեստանի իսլամական կուսակցութիւնը (ԹԻԿ), որուն հիմնական նպատակներէն մէկն է զինեալ պայքարի միջոցով  Արեւելեան Թուրքեստանը ազատագրել չինական լուծէն: 1990-էն մինչեւ 2001 այս կազմակերպութիւնը աւելի քան 200 ահաբեկչական գործողութիւն կատարեց Չինաստանի մէջ թէ անկէ դուրս. ըստ չինական աղբիւրներու, անոր ետին կանգնած է թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը (ՄԻԹ), Թուրքիոյ մէջ կը գործէ անոր քաղաքական թեւը` «Ույղուրներու համաշխարհային խորհրդարանը», Ռապիա Քատիրի ղեկավարութեամբ: 11 սեպտեմբեր 2001-ի յարձակումէն ետք Եւրոպական Միութիւնը, Միջին Ասիոյ երկիրները եւ Արաբական ծոցի շարք մը երկիրներ զայն ճանչցան իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Սուրիական տագնապին ընթացքին, շնորհիւ ՄԻԹ-ի, անիկա կեդրոնացաւ Իտլիպի Ժըսըր Շուղուր շրջանին մէջ:

Ույղուրներուն մէջ թրքական թափանցումը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը,  Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ,  երկրի ղեկավարութեան հասաւ: 1995-ին, երբ Էրտողան Պոլսոյ քաղաքապետն էր, յայտարարեց. «Արեւելեան Թուրքեստանը այն վայրն է, ուր թուրք ժողովուրդի քաղաքակրթութիւնը ծնունդ առաւ: Եթէ այս իրողութիւնը մոռնանք, ապա կը մոռնանք մեր հայրենիքը եւ պատմութիւնը: Անոնց նահատակները նաեւ մեր նահատակներն են»: 2009-ին, երբ չինական իշխանութիւնը ճզմեց ույղուրներուն ցոյցերը, Էրտողան չինական քաղաքականութիւնը անուանեց իբրեւ «Ցեղասպանութիւն», բան մը, որ զայրացուց Չինաստանը: Թրքական կառավարութիւնը մշակութային կապերով ամէն ջանք թափեց, որ կազմակերպէ ույղուրական գաղութը Թուրքիոյ մէջ եւ նոյնիսկ հասնի ույղուրներու օգնութեան` Չինաստանի մէջ: 2015-ին Շանկհայի մէջ չինական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց տասնեակ մը թուրքեր, որոնցմէ շատեր անդամ էին թրքական ազգայնամոլական Ազգայնական շարժում կուսակցութեան: Չինաստանը ույղուրներուն նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը կ՛ամբաստանէ իբրեւ համաթուրանական քաղաքականութիւն` անջատողական շարժում հրահրելու Չինաստանի մէջ:

Չինաստան Զինկժանք նահանգին ժողովրդագրական պատկերը փոխելու համար սկսաւ հան չինացիներ բնակեցնել այդտեղ: Սակայն, հակառակ անոր որ ույղուրները ներկայիս կը կազմեն իրենց տարածքին բնակչութեան մօտ 55 առ հարիւրը, այսուհանդերձ անոնց մօտ անջատողական ձգտումները տակաւին բարձր կը մնան: Անոնց անջատողական վերջին փորձը կատարուեցաւ 1933-1944, սակայն ապարդիւն անցաւ եւ ճզմուեցաւ չինական ուժերուն կողմէ: Այստեղ յատկանշական է, որ 1944-1949 հաստատուած էր Թուրքեստանի հանրապետութիւնը Խորհրդային Միութեան, մասնաւորապէս Ժոզեֆ Ստալինի հովանաւորութեան տակ, սակայն չինական բանակը իր հակակշիռին տակ առաւ շրջանը եւ թուրքեստանցիները կոչեց ույղուր, բան մը, զոր անոնք կը մերժեն:

ԹԻԿ ռազմավարական յարաբերութիւն մշակած է նաեւ շրջանային այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս` Թալեպան շարժումը եւ Քայիտան, անոր անդամները նաեւ հիմնադիր դերակատարութիւն ունին ՏԱՀԵՇ-ի հիմնադրութեան մէջ: Իսկ Սուրիոյ մէջ անոնք կը գործեն «Թուրքեստանի ջոկատ» անուան տակ եւ ունին իրենց քաղաքական թեւը, որ կը կոչուի «Սուրիոյ մէջ Թուրքեստանի իսլամական կուսակցութիւն»: Անոնք մասնակցած են բազմաթիւ գործողութիւններու, ինչպէս` Լաթաքիոյ յարձակումը 2015-2016, Հալէպի յարձակումը (ապրիլ-մայիս 2016), Իտլիպի կռիւները (հոկտեմբեր-նոյեմբեր 2015): Անոնք Ժապհաթ Նուսրայի հետ միասնաբար ռմբակոծեցին եւ քանդեցին Հոմսի ու Իտլիպի եկեղեցիները: Այստեղ նաեւ կարեւոր է նշել, զոր ԹԻԿ-ի մէջ կան բազմաթիւ երեխաներ, որոնք անձնասպանական գործողութիւններ կատարած են սուրիական բանակին դէմ: Չինաստան բազմիցս թրքական կառավարութիւնը ամբաստանեց ույղուրներուն թրքական անցագիր տրամադրելու յանցանքով, որպէսզի կեդրոնական Ասիոյ ճամբով ուղղուին դէպի Սուրիա: Մօտ 1000 ույղուրներ անդամակցեցան ՏԱՀԵՇ-ին («Կլոպըլ Թայմզ», 2015):

Հակառակ այս բոլորին, ներկայիս թուրք-չինական յարաբերութիւնները բնականոն վիճակի մէջ կը գտնուին, սակայն ասիկա կարելի չէ հաստատել մօտիկ ապագային, որովհետեւ սուրիական տագնապին լուծումով Չինաստանը մտահոգ է ույղուր զինեալներու ապագայով: Արդեօք անոնք պիտի վերադառնա՞ն Չինաստան եւ ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրե՞ն, թէ՞ Անգարայի հովանաւորութեան տակ պիտի մնան եւ ապագային իբրեւ քաղաքական քարտ օգտագործուին Թուրքիոյ կամ Միացեալ Նահանգներու կողմէ` Չինաստանի դէմ:

Yeghia.tash@gmail.com

 

 

 

Viewing all 12041 articles
Browse latest View live