Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12094 articles
Browse latest View live

«Մամուլ» Եւ Մենք

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Մամուլ» եւ մենք` ծերացած մոլորակի բնակիչներ` բոլոր միջօրէականներու եւ զուգահեռականներու, կարեւորներ եւ շարքայիններ, ղեկավարներ եւ մի ոմն lamda քաղաքացիներ:

Ամէն օր, որ կ’անցնի, կը շեշտուին լայն առումով «մամուլ»-ի դերը եւ ազդեցութիւնը ընկերային-քաղաքական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, լրատուամիջոցը ըլլայ` դասական տպագիր, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, ելեկտրոնային-համացանցային:

Ազատութիւն, այլազանութիւն, չարախօսութիւն, որակ եւ անորակ` կը գոյակցին խառնիճաղանճային կացութեան մը մէջ, յաճախ շուարումի կը մատնեն քաղաքացին, ընտրողը, գնողը, թոշակառուն կամ տանտիկինը: Այսինքն սկզբունքային օգտակար իրատեսութեան կողքին կը գտնենք` շահախնդրութիւնը, քարոզչութիւնը, աննպատակ ցնցողը եւ ուշագրաւը:

«Մամուլի դեր»-ի մասին ո՛չ առաջին եւ ո՛չ ալ վերջին կարծիք յայտնողը պիտի ըլլամ: Մէկ բան որոշ է.  ներկայ դրութեամբ հանրային ծառայութեան իր իրաւ կոչումէն հեռանալու մնայուն փորձութեան ենթակայ է «մամուլ»-ի մէկ թեւը` դեռ հասկնալի թիւրէն եւ թերիէն անդին, գիտակցաբար շահախնդրութիւններու եւ կողմնակալութիւններու տիղմին մէջ խրելու համար:

Այս հարցով ֆրանսացի մեծ գրողը` Ալպեր Քամիւ հետաքրքրական միտքեր յայտնած է, որոնք մտածելու պէտք է մղեն ընթերցողը, ձայնասփիւռի լսողը եւ հեռատեսիլի դիտողը, նաեւ` նոյնինքն մամուլի աշխատաւորները: Առանց լուսաբանուելու եւ մտածելու, ինչ որ կը քարոզենք որպէս ազատութիւններ եւ ժողովրդավարութիւն, կը դառնան փուչիկ: Մեր նմանները կը խաբենք, կամ ուրիշներ մեզ կը խաբեն` հաւասարութեան եւ ազատութեան կրկներեւոյթին մառախուղին մէջ:

Իմաստուն դատումներու եւ միտքերու հետ հաղորդուելով` կրնանք մեր ճամբան աւելի լաւ լուսաւորել, իրատես ըլլալ, մենք մեզի խնայել սխալելու տխրութիւնը: Քայլ մըն ալ անդին երթալով` մեր հաւասարները եւ հեռուի ու մօտի բարեկամները եւ նուազ բարեկամները կրնանք լուսաբանել: Այս ընթացքը հանրային դաստիարակութիւն է, յառաջդիմութեան ազդակ, թերեւս նաեւ` խաղաղութեան:

Կ’ուզեմ խորհրդածել` ընթերցողն ալ հրաւիրելով նոյնը ընելու, Ալպեր Քամիւի երկու միտքերուն շուրջ: Ան մեր օրերու «մամուլ»-ի «ազատութեան», անիշխանութեան եւ խառնիճաղաճանճային պատկերը չէր տեսած, բայց իրաւ իմաստունի պէս նախազգացած էր:

Կ’ըսէ. «Թերթ մը ազգի մը խիղճն է»:

Թերթը պէտք է հասկնալ «մամուլ»` իր բոլոր արտայայտութիւններով:

Այս խիտ տարազումը կարելի է ընդհանրացնել եւ ըսել, որ թերթը մարդու խիղճի արտայայտութիւնն է պատմութիւն հիւսող անմիջական ներկայ ժամանակին մէջ, ուր կան` մարդը, ազգը, ընկերութիւնը, հեռուի եւ մօտի միւս ժողովուրդները, ներառեալ` կրօնները, կուսակցութիւնները, պետութիւնները, բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք թերթ կը հրատարակեն, որոնք կը ձգտին լուսաբանել կամ առաջնորդել:

Երբ մամուլը դադրի մարդու խիղճի արտայայտութիւն ըլլալու իր կոչումին հնազանդելէ, կը դառնայ ապատեղեկատուութիւն, այսինքն կը դադրի ծառայելէ ճշմարտութեան եւ հանրութեան, կը ծառայէ չարաշահումներու, կեղծիքի, չի յարգեր ընթերցողը եւ մարդը ընդհանրապէս:

Թերթը խիղճ ըլլալու համար մարդկային եւ համամարդկային որոշ արժէքներու բեմ պէտք է ըլլայ եւ անոնց զինաթափ չեղող պահակը` այդ նպատակի իրականացման մօտեցնելով ընթերցողը, ազգը, մարդը, որոնք ըսուածը որպէս իրենց հարազատութիւնը պէտք է ընդունին, իրենք զիրենք տեսնեն անոր մէջ` իրենց յարգելի տարբերութիւններով:

Երկու պարզ ակնկալութիւններ. հասկնալ եւ հարազատ: Ալպեր Քամիւ ինք մեծ մտաւորական էր եւ հասկցած էր որ բոլոր ընթերցողները մտաւորականներ չէին, ինչ որ յաճախ կը մոռնանք, երբ էջ կը սեւցնենք կամ հերցեան ալիքները կը զբաղեցնենք:

Ալպեր Քամիւ կ’ըսէ հետեւեալը. «Անոնք, որոնք յստակութեամբ կը գրեն, ընթերցողներ ունին, անոնք,  որոնք խրթնութեամբ կը գրեն մեկնաբանողներ ունին»: Այսինքն խրթնութիւնը կը համարուի բանգիտութեան դրօշակ, եւ մեկնաբանողները կը ծուարին անոր տակ:

Շաւարշ Նարդունի աւելի պարզութեամբ կ’ըսէր, որ կատուին կատու պէտք է ըսել:

Այսինքն որպէս խիղճի արտայայտութիւն` պէտք է ըլլալ ուղղամիտ, առարկայական, անխարդախ ունենալով ճշմարիտը եւ հանրային ծառայութիւնը որպէս նպատակ, չըլլալ «տէրերու ձայն»-ը, միաժամանակ ընդունելով, որ ոչ ոք ճշմարտութեան մենաշնորհը ունի, այսինքն պէտք է գիտնալ հանդուրժել ուրիշներու կարծիքը, քաջութիւնը ունենալ ըսելու մեր խօսակիցին կամ ընդդիմախօսին` «Դուն ալ իրաւունք ունիս», կամ` «Ես ալ կրնամ սխալած ըլլալ»:

Վոլթեր կ’ըսէր, որ կրնամ համաձայն չըլլալ քեզի հետ, բայց պատրաստ եմ կեանքս տալու, որ Դուն կարծիքդ  յայտնես:

Ամէն անգամ որ մամուլի մէջ` թերթ կամ հեռատեսիլ, կարդամ կամ լսեմ ազատօրէն արտայայտուող տարբեր կարծիքներ, կը խորհիմ, որ ընկերութիւնը ինքզինք կը մաքրէ եւ կը յառաջդիմէ:

Որպէսզի Ալպեր Քամիւի խօսքը գեղօր չըլլայ աւուր պատշաճի ճառեր զարդարելու, ըլլայ իրապէս ազգի կամ հաւաքականութեան խիղճ, մամուլին եւ լրագրողին պէտք է ընձեռել իր անկախութիւնը, ազատութիւնը: Երբ «մամուլ»-ը կը հակակշռուի զանազան ուժերու կողմէ` պետութեան, դրամատէրերու, քաղաքական այս կամ այն ուժին կողմէ, ենթակայ կ’ըլլայ կորսնցնելու իր խիղճը, հետեւաբար կրնայ ինքզինք դատապարտել անվերականգնելի հակասութեան:

Այս մտածումներու լոյսին տակ, մեր պատմութեան վերականգնումներու ներկայ փուլին, Հայաստան եւ սփիւռքներ «մամուլ»-ը պէտք է վերանուաճէ իր խիղճ ըլլալու ազգային եւ մարդկային դերը, եթէ խոշոր բառերը կը սիրէք` նախախնամական դերը կամ առաքելութիւնը…

Խիղճ ըլլալու համար հոգեպէս ազատ պէտք է ըլլալ եւ ազատութեան հաւատալ: Ազատութեան սահմանափակումը ստրկատիրութեան սկիզբն է:

13 յունիս 2018, Աթէնք

 

 


Ազգային Ինքնութիւն Եւ Քննական Մտածողութիւն

$
0
0

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ. 

Մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ անհատներու թէ կազմակերպութիւններու արարքներու մեկնութիւնն ու վերլուծումը, շատ յաճախ, կ՛ընդգրկէ հետեւողականօրէն եւ սպառիչ ձեւով գործածուող «ազգային ինքնութիւն եզրը»: Այսպէս, անպաշտօն խօսքեր կամ պաշտօնական ելոյթներ, կանոնաւոր ձեւով կ՛օգտագործեն ազգային ինքնութիւն եզր-յղացքը, նշում կ՛ընեն անոր մասին, անոր կազմաւորումը կը նկատեն առաքելութեան առանցքը եւ անոր անխաթար պահպանման կը վերագրեն իրենց գոյութեան եւ գործունէութեան էութիւնը ամբողջ:

Իրաւամբ եւ արդարացիօրէն, այս մէկը միութենական եւ կուսակցական հաւաքական կեանքին, կրթական հաստատութիւններու, մշակութային միութիւններու եւ տարաբնոյթ կազմակերպութիւններու առաքելութիւնն է միանգամայն եւ այդպիսին պէտք է ըլլայ անկասկած: Սակայն արդեօ՞ք այս յղացքին, մարդու կազմաւորման այս էական մարզի սահմանումը ի՞նչ չափանիշներէ մեկնած կատարուած է, անոր առողջ կազմաւորման համար ի՞նչ նախապայմաններ նկատի առնուած են եւ ինչպիսի՞ աշխատանքներու ձեռնարկուած է: Չի բաւեր ազգային ինքնութեան կազմաւորումը նկատել առաջնահերթութիւն: Սոյն առաջնահերթութիւնը գործի վերածելու եւ իմաստաւորելու համար հարկ է որդեգրել մասնագիտական մօտեցում, որուն հիմքը պէտք է ըլլայ քննական միտքը, միջոցը` տրամաբանական մտածողութիւնը, իսկ նպատակը` ազգային հիմքերէ մեկնած եւ անոնց վրայ խարսխուած արժեհամակարգի ստեղծումը:

Ազգային ինքնութիւնը մարդ անհատի կազմաւորման այն մարզն է, որ կ՛ընդգրկէ ինքնութեան հաստատում եւ ճանաչում` իբրեւ խումբի մը, այս պարագային` ազգի մը անդամ, տուեալ խումբին պատկանելիոււթեան զգացում եւ անոր անդամակցելու գիտակցական որոշում եւ դրական տրամադրութիւն: Աւելի՛ն. ազգային ինքնութիւնը կը ստեղծէ ազգին առնչուածութիւն, անոր ընկերային, մշակութային, համայնքային, քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ ներգրաւուածութիւն, բայց մանաւանդ` այս բոլորին մասին կատարեալ իրազեկութիւն եւ ամբողջական ճանաչողութիւն: Այս բոլորով հանդերձ, ազգային ինքնութեան կազմաւորումը կը դառնայ համապարփակօրէն լիարժէք, միայն այն պարագային, երբ անհատը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ ազգի կեանքի կազմակերպումին, անոր որակի պահպանումին եւ բարելաւումին եւ ազգին հաւաքական նպատակները իբրեւ նաեւ իրը նկատելու յանձնառութիւն եւ հպարտութիւն կը ցուցաբերէ:

Այս բազմակողմանի եւ շարժուն կառուցուածքին կազմաւորումը տեղի կ՛ունենայ ժամանակի երկարատեւ ընթացքի մը վրայ` սկսելով մանկութեան-պատանեկութեան շրջանէն եւ իր լրումին հասնելով հասուն տարիքին: Այս ժամանակաշրջանին անհատը պէտք է, որ որդեգրէ ուսումնասիրող եւ քննող մօտեցում` տեղեկութիւններու, երեւոյթներու հիմնահարցերու նկատմամբ: Ահա այս մօտեցումին վրայ է, որ կու գայ ամրապնդուելու գիտակից յանձնառութիւնը, որ իր կարգին կ՛երաշխաւորէ առողջ եւ արդիւնաւէտ ինքնութեան մը կայացումը` հեռու փառաբանական կեցուածքներէ եւ վերլուծումի նեղմիտ եւ այլամերժ փորձերէ:

Ազգային ինքնութեան ամրապնդումը կ՛իրագործուի` տարբեր-տարբեր փոխներգործութեան իբրեւ արդիւնք: Այդ կազմաւորիչ տարրերը առաւելաբար կը վերաբերին հետեւեալ չորս գործօններուն.

1.- Ինքնութեան իմացութիւն եւ ճանաչում, որ կը նպատակադրէ ստեղծել առարկայական հասկացողութիւն` ընդհանրապէս,
2.- Անհատի կողմէ ճշգրիտ եւ անկողմնակալ արժեւորում-գնահատում իր ազգային ինքնութեան ներկայացուցած կարեւորութեան,
3.- Ազգին կապուածութեան եւ պատկանելիութեան զգացում,
4.- Գործօն վարուելակերպի որդեգրում եւ ազդեցիկ աշխատանքի լծուելու պատրաստակամութիւն:

Այս բոլորին փոխներգործութեամբ սկիզբ կ՛առնէ ինքնութեան զարգացման բարդ, բայց էական գործընթաց մը, որուն յաջողութիւնը կ՛երաշխաւորուի մտքին եւ բանականութեան գերիշխող կարգավիճակով մը միայն: Հեռու` սոսկ զգացականութենէն կամ զգացումներու զեղումներէ, երբ միտքը կը պարտադրէ ինքզինք, եւ անհատը քննական մօտեցում կը ցուցաբերէ ինքնութեան առնչուած բոլոր երեւոյթներուն եւ պատահածներուն հանդէպ, ապա ան կ՛օժտուի զգաստութեան, շրջահայեացութեան եւ հաւասարակշռուածութեան կարողականութիւններով: Ոգին եւ զգացումը անժխտելիօրէն կարեւոր են ազգային ինքնութեան համալրումին համար, սակայն համեմատաբար որոշիչ դերը պէտք է վերապահել մտքին եւ անոր ուժին:

Միայն բանականութեան ուղղուած վերլուծում եւ առարկայական արժեւորում ընդգրկող ընթացքի մը ընդունումն է, որ յառաջ կը բերէ համոզիչ կերպով իւրացուած եւ ամրօրէն կայացուած, առողջ ազգային ինքնութիւն: Արդար դատողութեամբ եւ քննական համադրումով կը կատարուի անցում` կրաւորական, պատահական եւ պատեհապաշտ հետաքրքրութենէն դէպի գիտակից իրազեկութիւն: Նման ողջմիտ եւ խորաթափանց վերլուծումը կը սատարէ անհատին, որպէսզի ան կարենայ որոշել, թէ ի՛նչ պիտի ընէ, ինչի՞ պիտի հաւատայ, ինչի՞ հիման վրայ եւ ինչպէ՞ս պիտի զանազանէ վաղանցիկ ոգեւորութիւնն ու խանդավառութիւնը` հաւատաւոր ոգիի հաստատումէն, ենթադրութիւններն ու ամբաստանութիւնները` իրողութենէն այլամերժութիւնը, բաց միտքէն եւ հանդուրժող հասկացողութենէն: Հարցեր, որոնց փորձառութիւնը ու ժխտական հետեւանքները կ՛ապրինք բոլորս ամէն օր:

Վերոնշեալ բոլոր հարցերուն քննարկումը եւ անոնց լուծման նպաստող համապատասխան միջոցներու որոնումը պէտք է որ կազմեն անհատական թէ հաւաքական նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու առանցքը:

Ազգային ինքնութեան հաստատումն ու քննական մտքի կազմաւորումը պէտք է ընթանան համատեղ եւ զարգանան համադրուած ձեւով: Այդ պարագային է միայն, որ կարելի կ՛ըլլայ համարկուած եւ ամբողջականօրէն յաջող ինքնութեան մը հպարտառիթ կազմաւորումը, որ պարագայական եւ մակերեսային չէ, որ առիթ չի տար սին վէճերու եւ անիմաստ մրցակցութիւններու, որ հեռու կ՛ըլլայ անհիմն ինքնագովութենէ, այլ պատեհութիւն կ՛ընծայէ անհատին` իրագործելու  հոգու ընկերային հաւասարակշռութիւն եւ արդարամտութեան ունակութիւն, ինչ որ նախապայման է ազգին եւ անոր հասարակական կեանքին մէջ գործօն եւ արդիւնաւէտ տարր դառնալու յանձնառութեան:

Նման մեկնակէտ որդեգրելու եւ անկէ բխող գործնական աշխատանքներու ձեռնարկելու անյապաղօրէն գործադրելի հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուինք բոլորս, որպէսզի անհատական թէ հաւաքական մեր գոյութիւնը չդառնայ ինքնանպատակ:

 

 

 

Յուշատետր. Ճակատագիր (Գ.)

$
0
0

Ռ. Հ.

Եկէք` պահ մը վերստին կարդանք Պետրոս Դուրեանը.

«Այս ճակատագիրն ինչ սեւ է, Աստուած,

Արդեօք դամբանի մրուրո՞վ է գծուած…»:

Տխուր էր Դուրեան ու կը հաւատար, որ իր ճակատագիրը գրուած է դամբանի սեւ մելանով: Ասիկա անդրադարձումն է այն մարդուն, որ դժբախտ է, որ չէ կրցած երջանկութիւնը վայելել իր կեանքին մէջ: Եթէ դժբախտ է, եթէ կը հաւատայ, որ բախտը զինքը նետած է անբախտութիւններու այնպիսի տոպրակի մը մէջ, ուրկէ դուրս չի կրնար ելլել, բնականաբար ատոր ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի բեռցնէ սեւ մելանով իր ճակտին վրայ արձանագրուած անէծքի մը: Երջանիկ մարդը այսպիսի հոգ մը չունի: Ան որ ըսենք, թէ բախտաւոր աստղի տակ ծնած է, եւ որ կը վայելէ կեանքի հնարաւոր կամ նոյնիսկ անկարելի երջանկութիւնները, երբեք պիտի չգոչէ.

Այս ճակատագիրն ի՜նչ վարդագոյն է, Աստուա՛ծ,

Արդեօք արեւածագով ու երգո՞վ է գծուած:

Չէ՛: Աշխարհի վրայ ոչ մէկ Պետրոս Դուրեան պիտի գրէ այսպիսի երկու տողեր: Կարծես մենք ճակատագիր ըսուածը կը յիշենք այն ատեն միայն, երբ բան մը ժխտական գնացք ունի, բան մը, որ անյաջողութիւն բերած է, բան մը, որուն ապագան մութ է ու հարցական , բան մը, որ հաւանաբար մեր ուզածն ու սպասածը չէր: Այս տեսակէտով է, որ կրնանք վախնալ այս «ճակատագիր» բառէն: Իսկ երբ ամէն ինչ լաւ է, երբ ոչինչ ունինք գանգատելու, ինչո՞ւ պիտի մտածենք այդ «ճակատագիր» ըսուածին մասին: Նոյնիսկ ունինք համարձակութիւնը հաւատալու, որ մենք ենք, որ ստեղծեցինք մեր այդ երջանկութիւնը: Կրնանք մենք մեզ շնորհաւորել մեր այդ յաջողութեան համար, կրնանք հպարտանալ այն կարողութիւններով ու հնարամտութիւններով, կամ` այն իմաստութեամբ կամ հեռատեսութեամբ, զոր ունենալ կը կարծենք, եւ որոնց շնորհիւ է, որ կեանքի մէջ փայլուն ճամբայ բացինք մեր առջեւ: Ասիկա ճակատագիր չէ այլեւս, ասիկա մեր չար բախտին կողմէ մեզի պարտադրուած այն վանդակը չէ, որմէ դուրս չենք կրնար ելլել: Ճակատագիրը միշտ միւսին համար է, անբախտ վերջաբանին համար:

Եւ քանի որ երկրագունդը լեցուն է անբախտ ու դժբախտ մարդոցմով, որոնք շարունակ կ՛ողբան իրենց սեւ ու «դամբանի մրուրով գծուած» ճակատագիրը, մենք երբեմն մեր աչքերը պիտի յառենք աստղերուն ու հարց պիտի տանք, թէ ի՞նչ վերապահուած է մեզի տակաւին սա գալիք օրերուն մէջ, եւ թէ` կա՞յ մէկը կամ կա՞յ ուժ մը, որ այժմէն գիտէ, թէ ի՛նչ վերապահուած է մեզի սա գալիք օրերուն մէջ:

Գիտենք, բայց թերեւս կը նախընտրենք յաճախ մոռնալ, որ չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի պատահի հինգ վայրկեան վերջ: Ահաւասիկ` կոշտ օրինակ մը: Մէկը սա պահուն կեանքի գեղեցկութիւնը լիուլի կ՛ապրի ու ապրելու երջանկութիւնը ցմրուր կը քամէ, շարունակ երջանկութիւն կը ցոլացնէ իր շուրջ` առանց գիտնալու, որ հինգ վայրկեան վերջ արկածի մը զոհ պիտ երթայ: Դժուար չէ պատկերացնել, թէ ի՛նչ ահաւոր, ի՛նչ ողբերգական, սակայն ի՛նչ անակնկալ անկիւնադարձ է այս: Արկած մը պիտի պատահի ու չեք գիտեր: Բայց մետալին միւս կողմն ալ կայ: Թերեւս ալ ո՛չ մէկ արկած պիտի պատահի, ու չենք գիտեր: Թերեւս տակաւին յիսուն տարուան կեանք մը կը սպասէ մեզի ու չենք գիտեր: Մէկ բան գիտենք: Կը քալենք` իբր թէ դէպի առջեւ նայելով ու մեր քայլերուն ուշադրութիւն ընելով: Բայց իրականութեան մէջ կը քալենք` առանց մեր առջեւը տեսնելու: Մեր առջեւը մթութիւն կայ: Պիտի տեսնենք միայն անցնելէ վերջ, երբ այլեւս շատ ուշ է, ու վերադարձ չկայ: Մայր Բնութիւնը այստեղ մեզի համար ստեղծած է օրէնք մը: Անողոք օրէնք մը: Ամէն ինչ պիտի տեսնենք միայն պատահելէն վերջ: Երբեք պատահելէն առաջ: Տուփի առջեւն ենք ու միայն տուփը բանալէ վերջ է, որ կրնանք տեսնել, թէ տուփը պարա՞պ է, թէ՞ լեցուն, տուփը հաճելի՞ նիւթ կը պարունակէ, թէ՞ անհաճոյ, տուփը բախտ բերա՞ւ մեզի, թէ՞ ոչ:

Ամէն անգամ որ կը մտածեմ այս ճակատագիր ըսուածին մասին, կ՛երեւակայեմ, որ օդանաւ մըն եմ, որ կը թռչիմ երկնքի անսահմանութեան մէջ: Զիս շրջապատող ամբողջ աշխարհը ճամբայ է, ուղեգիծ է ինծի համար, կրնամ ընտրել այդ հազարաւոր, տասնեակ հազարաւոր ուղղութիւններէն որեւէ մէկը:, կրնամ ընտրել տասնեակ հազարաւոր ուղեգիծներուն այս կամ այն մէկը: Միայն թէ, ո՞ր մէկը պէտք է ընտրեմ: Տասնեակ հազար ուղեգիծներէն ամէն մէկը զիս տարբեր, բոլորովին տարբեր տեղ մը կը տանի: Այնքան տարբեր, որքանը չեմ կրնար երեւակայել: Եթէ մտածենք, չենք կրնար չսարսափիլ: Բոլոր սկզբնակէտերը իրարու շատ մօտիկ են գրեթէ իրարու հետ նոյնացած են, բայց անոնց վերջակէտերը որքա՛ն հեռացած են իրարմէ, որքա՛ն տարբեր են մէկզմէկէ:

Կ՛երեւակայեմ, որ օդանաւ մըն եմ ազատ թռիչքով, բայց` շփոթահար, հազարումէկ ուղղութիւններէ հմայուած, կամ` հազարումէկ ուղղութիւններու դիմաց վարանոտ: Մինչդեռ գիտեմ, որ իրաւ օդանաւը միշտ մէկ ուղեգիծ միայն ունի, ու այդ ուղեգիծը ճշդուած է առաջուց: Որովհետեւ անոր միայն մեկնակէտը չէ, որ յայտնի է, յայտնի է նաեւ անոր հասնելիք կէտը: Եւ երկու կէտերուն միջեւ մէկ ճամբայ միայն կայ: Հարիւր անգամ ալ եթէ թռի, այդ նոյն ու մէկ ճամբուն վրայէն պիտի երթայ: Ասիկա ճակատագի՞ր է օդանաւին համար: Ասիկա ազատութեան պակա՞ս է օդանաւին համար: Թէ ոչ ասիկա տեղ հասնելու երջանկութեան ապահովութիւնն է:

Եթէ կայ մէկը, որ գիտէ, թող պատասխանէ:

 

Սպառազինութեան Մոլուցք Պաքւում` Վախի Ախտանիշով

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Երեւոյթը նոր չէ: Դրա հիւանդագին ախտանիշները քանիցս արձանագրուել են անցած երեսուն տարում: Սկսած դեռեւս 1988-ի փետրուարից, երբ Սումկայիթի խոշոր արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններից մէկի` խողովակագլանման գործարանի արտադրամասերում հաշտապ կերպով սրածայր մետաղական ձողեր եւ կտրող այլ գործիքներ էին պատրաստւում` նոյն ամսուայ վերջերին քաղաքի հայ բնակիչների ջարդն ու կոտորածը կազմակերպելու եւ իրականացնելու նպատակով: Ու չնայած քաղաքի հայ քաղաքացիների թուաքանակն աւելի քան երեք անգամ քիչ էր, քան ազրպէյճանցիներինը, այնուամենայնիւ, շատ աւելի մեծ էր ինչպէս քաղաքային, նոյնպէս եւ հանրապետական իշխանութիւնների մտավախութիւնը, թէ, արդեօք, ի զօրու կը լինե՞ն զուտ մարդուժի առաւելութեամբ իրագործել քաղաքի ընդամէնը 18 հազար հայ ազգաբնակչութեան սպանդի ենթարկելու  իրենց մտադրութիւնը, որ պայմանաւորում էին ազատութեան պայքարի ելած արցախահայութեանը դաս տալու անհրաժեշտութեամբ: Անշուշտ, հարկ է արձանագրել, որ այդ մտավախութիւնը, ինչպէս ցոյց տուեց ջարդերի բուն ընթացքը, որոշակի չափով իրատեսական էր: Գազազած ազրպէյճանական խառնամբոխի դէմ յանդիման անզէն լինելով հանդերձ, սումկայիթցի հայերը, ի պատիւ իրենց, այնուամենայնիւ, կարողացան թէկուզ տեղ-տեղ, բայց խիզախաբար դիմակայել երկոտանի գիշատիչների յարձակումները, անգամ ոչնչացնել նրանցից ոմանց: Այլապէս, քաղաքի հայ խաղաղ բնակիչների շրջանում զոհերի թիւը ոչ թէ կը տատանուէր պաշտօնապէս յայտարարուած 27-ի եւ ոչ պաշտօնապէս շրջանառուող 700-ի միջեւ, այլ կը չափուէր միանգամից հնգանիշ մեծութեամբ: Ահա թէ ինչու Պաքւում եւ Սումկայիթում առաւել քան հրատապ ու պահանջուած էր նախապէս զինուելու խնդիրը:

Նոյնը կրկնուեց Ազրպէյճանի միւս բնակավայրերի եւ յատկապէս Պաքուի հայութեան ջարդերի ժամանակ. երբ ի շարս մետաղաձողերի եւ այլ կտրող միջոցների, որոնց առատութիւնն ու բազմազանութիւնն աննախադէպ էին այդ ցեղասպան խորհրդային հանրապետութիւնում, հայ բնակչութեան սպանդի գործիքակազմը համալրուեց նաեւ հրազէնով` զօրամասերից մեծ քանակութեամբ առգրաւուած մարտական հրացաններով ու ինքնաձիգներով, պայթուցիկ սարքերով:

Դարձեալ նոյն այդ վախի թելադրանքով պայմանաւորուած` սպառազինուելու այդ հիւանդագին երեւոյթն առաւել յատկանշական էր 91-ի աշնանն Արցախի դէմ Պաքուի սանձազերծած պատերազմում, երբ նորաստեղծ ազրպէյճանական ազգային բանակի ստորաբաժանումները, փոխադարձ պայմանաւորուածութեամբ տիրանալով  այդ հանրապետութեան տարածքում տեղակայուած խորհրդային զօրքերի վիթխարի զինապահեստներին, կարողացան հանդերձաւորուել մարտական գործողութիւնների վարման համար անհրաժեշտ առանց բացառութեան բոլոր տեսակի զէնք ու զինամթերքով: Սակայն հանրայայտ ճշմարտութիւն է, որ այլ բան է զինուած լինելը, այլ բան` նոյն այդ զէնքը կրող մարդու հոգեմտաւոր վիճակը` մարտական գործողութեան ընթացքում նրա արիութեան ու խիզախութեան աստիճանը, գումարած դրան` մարտական պատրաստութեան, զէնքի կիրառման եւ  մարտերի վարման կարողունակութեան մակարդակը: Եւ քանի որ այդ որակները, կարելի է հաստատապէս ասել, ի սպառ բացակայում էին ազրպէյճանական նորաստեղծ բանակում, ուստի Պաքուն, նոյն այդ պատճառահետեւանքային կապով պայմանաւորուած, խայտառակ պարտութիւն կրեց իր իսկ նախաձեռնած պատերազմում` ստիպուած լինելով Լեռնայն Ղարաբաղի հետ հաշտութեան ուղիներ որոնել, որոնց արդիւնքում հակամարտ կողմերի միջեւ կնքուեց 1994-ի մայիսեան հրադադարը:

Այսօր` շուրջ քառորդարեայ հեռաւորութիւնից, մեզ` հայերիս համար, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան, այդ թուում, առաջին հերթին, հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդական առաքելութեան` ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան համար պարզից էլ պարզ է, որ անժամկէտ հրադադարի այդ պարագան Ազրպէյճանի իշխանութիւններին օդ ու ջրի պէս խիստ անհրաժեշտ էին ոչ այնքան հիմնախնդրի վերջնական լուծման եւ հակամարտութեան գօտում տեւական խաղաղութեան հաստատման համար, որքան նոր պատերազմի հիմնաւորապէս նախապատրաստուելու նպատակով: Փաստօրէն, ներկայումս, թէկուզեւ ժամանակի անհամեմատ լայն կտրուածքով, Պաքուն իրականացնում է այն, ինչ կատարում էր պատերազմի տարիներին իր իսկ խնդրանքով կայացած կարճաժամկէտ զինադադարների ժամանակ, որոնք ամէն անգամ էլ անմիջականօրէն խախտւում էին, երբ Ազրպէյճանի քաղաքական ու ռազմական ղեկավարութեանը թւում էր, թէ յարկ եղած նախապատրաստական աշխատանքները` զօրամասերի տեղաշարժէր ու վերատեղակայումներ,  զէնքի ու զինամթերքի մատակարարումներ եւ այլն, բաւարար չափով կատարուած են մարտական գործողութիւնները վերսկսելու համար: Սակայն, ինչպէս վկայում է պատերազմի տարեգրութիւնը, ամէն անգամ էլ Պաքուի խոփը քարին էր դէմ ընկնում` ստիպելով անմիջականօրէն Ստեփանակերտից ժամանակաւոր զինադադարի նոր ժամկէտներ մուրալ:

Գաղտնիք չէ, որ մայիսեան հրադադարից յետոյ անցած իւրաքանչիւր օր ու ամիս, իսկ ընդհանուր առմամբ` ահա քսանչորս տարի ի վեր Ազրպէյճանը  հետեւողականօրէն օգտագործում է իր բանակի մարտունակութիւնը բարձրացնելու եւ արդիական զինատեսակներով այն սպառազինելու համար, դարձեալ վստահ չլինելով իր առկայ ուժերի ու հնարաւորութիւնների վրայ` շարունակելով քրոնիքական դարձած մտավախութիւն ապրել,  որ սեփական մարդկային գործօնը, չնայած նրա գերակշիռ մեծութեանը, ի զօրու չէ պարտութեան մատնել փոքրաթիւ եւ համեմատաբար սակաւ զինաւորուած թշնամուն, այսինքն` հայերիս: Եղաւ պահ, իսկ դա, ինչպէս յայտնի է,  2016-ի ապրիլի սկզբներին էր, երբ Պաքուին թուաց, թէ եկել է վճռական ու լայնածաւալ գրոհի ժամը:  Ազրպէյճանական բանակը յագեցած էր Ռուսաստանից, Իսրայէլից, Պիելոռուսիայից, Ուքրանիայից գնած գերարդիական զինատեսակներով, ապահովուած մարտական գործողութիւնների ընթացքում դրանց սպասարկման համար մատակարար երկրների տրամադրած զինուորական մասնագէտներով, զօրամասերի սպայական ու շարքային կազմը տեւական ժամանակ վերապատրաստուած էր թուրքական եւ այլերկրեայ ռազմական հրահանգիչների ու խորհրդատուների մասնակցութեամբ անցկացուած դասընթացներում ու զինավարժանքներում: Գումարած դրան` կազմաւորուած էր յատուկ ջոկատայինների մի ամբողջ պրիկատ, որի կազմի մէջ ներգրաւուած էին ինչպէս թուրք, նոյնպէս եւ, այսպէս կոչուած, «Իսլամական պետութեան» հրոսակախմբերում մարտական փորձութիւն անցած մեծ թուով գրոհայիններ, այդ թուում` ազրպէյճանական ազգութեան ասպատակիչներ, որոնց խոստացուած էր համաներում շնորհել մարտական գործողութիւնների յաջողութեան պարագայում: Սակայն, չնայած բաւականաչափ ռազմական գործիքակազմի առկայութեանը, անփառունակ վախճան ունեցաւ Ազրպէյճանի նաեւ ապրիլեան արկածախնդրութիւնը, ինչի վտանգաւոր հետեւանքները կանխազգալով ու կանխատեսելով, Պաքուն ստիպուած եղաւ այդ անգամ եւս հապճեպօրէն հրադադարի միջնորդութիւն աղերսել Մոսկուայից, աւելի ճիշդ` Մոսկուայի միջնորդութեամբ յաղթող կողմերից` Ստեփանակերտից ու Երեւանից:

Արդեօք, ապրիլեան խայտառակ պարտութիւնն ուսանելի դաս եղա՞ւ Պաքուի համար: Հաստատապէս` հազիւ թէ: Անցած աւելի քան երկու տարում Ազրպէյճանի իշխանութիւնները դարձեալ զանգուածային ոչնչացման նորագոյն  զինատեսակների անդադրում որոնումների մէջ են, որոնք նրան պէտք են հերթական պատերազմի համար, եւ որոնց ձեռքբերմամբ նա ցանկանում է հաւասարակշռել Ռուսաստանից Հայաստանի գնած հեռահար հրթիռային «Իսկենտեր»  կայանքների հետ: Մոսկուան, դատելով լրահոսում առկայ տեղեկատուութիւնից, առայժմ կարծես թէ ձեռնպահ է մնում Ազրպէյճանին համարժէք զինտեսակ մատակարարելու հարցում: Խնդիրը, ամենայն հաւանականութեամբ, մի կողմից` մինչ այդ պաշտօնական Երեւանի` որպէս Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) հիմնադիր անդամի, սկզբունքային բացասական դիրքորոշման մէջ է, միւս կողմից` Մոսկուա-Պաքու երկխօսութեան մէջ` կախուած Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) մէջ նոյնպէս ներգրաւուելու հարցում վերջինիս դիրքորոշումից: Բայց քանի որ խնդիրը ձգձգւում է տեւականօրէն, իսկ Պաքուն շտապում է ձեռք բերել համարժէք զինատեսակներ, ուստի նրա ընտրութիւնը կանգ է առել պիելոռուսական տարբերակի` 301 մմ տրամաչափի համազարկային կրակի «Պոլոնեզ» կոչուող հրթիռային համակարգի վրայ: Վերջինս, դատելով լրահոսի տուեալներից, ռուսական «Իսկենտեր»-ին զիջում է հարուածների ճշգրտութեան խնդրում, բայց ահա գերազանցում է համակարգում տեղադրուած հրթիռների քանակով, որ չափւում է համապատասխանաբար 2 եւ 8 յարաբերակցութեամբ:

Հարց է ծագում. բայց չէ՞ որ Պիելոռուսիան նոյնպէս ՀԱՊԿ եւ ԵԱՏՄ հիմնադիր անդամ է եւ, որպէս այդպիսին, նոյնպէս համարւում է Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը:  Այո՛ այդպէս է: Սակայն ո՞ւմ չէ յայտնի բելառուսական առաջնորդի` Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի յարափոփոխ ու պատեհապաշտ, շատ յաճախ անկանխատեսելի արտաքին քաղաքականութիւնը, որի շրջագծում պետութեան եւ դաշնակցային ընդհանուր շահերը միշտ չէ, որ համատեղելի են եւ ցանկացած պահի կարող են տրամագծօրէն հակասել, անգամ` հակադրուել միմեանց: Արդիւնքում կայացել է այն, ինչն անցանկալի է Հայաստանի համար. Մինսքը պաշտօնապէս խոստացել է «Պոլոնեզ» կարգի 10 համակարգ մատակարարել Պաքուին, քաջ գիտակցելով, որ պատերազմական գործողութիւնների վերսկսման դէպքում դրանք Ազրպէյճանի կողմից անպայման գործնական կիրառում են ստանալու իր ռազմավարական դաշնակցի` Հայաստանի, իսկ նրա միջոցով`  Արցախի դէմ: Եւ ահաւասիկ, ինչպէս յայտնի է, առաջին կայանքները Մինսքից հասել են Պաքու` սպասարկող պիելոռուսական անձնակազմերի հետ միասին: Այնպէս որ, եթէ Պաքուն վճռի դրանք կիրառել հայկական կողմերի դէմ, ապա, նկատի առնելով, որ այդ համակարգերը սպասարկող մասնագէտները Պիելառուսիայից են, կը ստացուի այնպէս, որ Ազրպէյճանի տարածքից դէպի Հայաստան եւ Արցախ հեռահար համազարկեր են իրականացնում ՀԱՊԿ-ի մեր դաշնակից երկրից գործուղուած զինուորականները: Զաւեշտական է հնչում, բայց, ինչ արած, ֆրանսացիների ասած` «սէ լա վի», այսինքն` այսպիսին է կեանքը, տուեալ պարագայում` միջազգային ու միջպետական, անգամ` դաշնակցային յարաբերութիւնների դաշտը, որտեղ եթէ ոչ յաճախ, ապա երբեմն անխուսափելի նշանաբան է ծառայում ողջախոհ բանականութեան հետ ոչ մի աղերս չունեցող «Ինձնից յետոյ` թէկուզ ջրհեղեղ» անբարոյական սկզբունքը:

Այնուամենայնիւ հարց է ծագում.  ի՞նչ է տալիս «Պոլոնեզ» համակարգերի ձեռքբերումն Ազրպէյճանին: Միայն ա՞յն, որ դրանք որոշ  չափով, բարձրացնում են Ազրպէյճանի, ընդհանուր առմամբ, զինուած ուժերի ու, մասնաւորապէս,  հրթիռային-հրետանային զօրքերի հզօրութիւնը եւ ինչի շնորհիւ Ազրպէյճանը ցանկանում է սպառազինութեան որոշակի հաւասարակշռութիւն ստեղծել Հայաստանի հետ` նկատի առնելով «Իսկենտեր» հրթիռային կայանքների առկայութիւնը Հայոց բանակում: Բայց չէ՞ որ ինչպէս օրերս նշել է Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար, ռազմական փորձագէտ Վաղարշակ Յարութիւնեանը «Նիուզ»-ին տուած հարցազրոյցում. «Եթէ Պաքուն ծրագրում է Լեռնային Ղարաբաղում ռազմական գործողութիւնները վերսկսել, ապա դրա համար նա, այսպէս թէ այնպէս, բոլոր անհրաժեշտ միջոցներն ունի, որոնք կարող են ԼՂՀ ամբողջ խորութեամբ թիրախները խոցել: Իսկ եթէ Հայաստանի դէմ, ապա կրկին նրանք միջոցներ ունեն, որոնք տեղակայուած են Նախիջեւանում եւ հասանելի են դարձնում Հայաստանի տարածքում բոլոր թիրախները»: Միւս կողմից` քանի որ Հայաստանը եւ Արցախը նոյնպէս համանման համակարգեր ունեն, ապա Ազրպէյճանի կողմից «Պոլոնեզ»-ների կիրառման դէպքում Երեւանը եւ Ստեփանակերտն ի զօրու են պատասխան հարուածներով խոցել Ազրպէյճանի տարածքում գտնուող գործնականում բոլոր թիրախները, ներառեալ այն օբյեկտները, որոնք Պաքուի համար ռազմավարական եւ տնտեսական նշանակութիւն ունեն: Այնպէս որ, ռազմական գործողութիւնների վերսկսումը միանգամայն կարող է խափանել Ազրպէյճանի տնտեսական ներուժը, ինչում Պաքուն, կարծում եմ,  ամենեւին շահագրգռուած չէ: Այնպէս որ, կարելի է համաձայնել Յարութիւնեանի տեսակէտին, թէ Պաքուի համար «Պոլոնեզ» հեռահար կրակի հրթիռային համակարգերը պահանջուած չեն, քանի որ ուժերի իրական հաւասարակշռութեան վրայ այս համակարգը որեւէ ազդեցութիւն չունի:

Ըստ իս, տուեալ պարագայում դարձեալ առաջին պլան են մղւում, նախ, այն, որ Պաքուն, չնայած հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ իր բարձրագոչ հաւաստիացումներին, շարունակում է հաւատարիմ մնալ խնդիրն ուժի կիրառման վերաբերեալ սպառնալիքներով ահաբեկմամբ կամ անմիջականօրէն ուժի կիրառմամբ լուծելու անիմաստ ու անհեռանկար դիրքորոշմանը: Այլ կերպ ասած` արտաքուստ համաձայնութիւն յայտնելով, իրականում նա չի ցանկանում ղարաբաղեան խնդիրը լուծել խաղաղ բանակցութիւնների միջոցով եւ ապաւինում է ռազմական ուժին:

Ապա` եթէ հաշուի առնենք այն հսկայական ծախսերը, որոնք իրականացնում է Պաքուն ռազմական ոլորտում, ապա միայն դա արդէն իսկ վառ վկայութիւն է այն բանի, որ Ազրպէյճանը յայտարարել է սպառազինութիւնների մրցավազք: Նոյնը  պարտադրելով նաեւ հայկական կողմերին, Պաքուն այդպիսով փորձում է բացասաբար ազդել Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական առաջընթացի վրայ` սեփական փորձով քաջ գիտակցելով, թէ լրացուցիչ ռազմական ծախսերն ինչպիսի ծանր անդրադարձ կարող են ունենալ ընկերային-տնտեսական իրավիճակի վրայ: Բնականաբար, Հայաստանն ու Արցախը ստիպուած են արձագանգել ու հնարաւորութեան դէպքում չէզոքացնել առաջացած սպառնալիքը` ապահովելով ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւն:

Եւ վերջապէս` դարձեալ ակնյայտ է Պաքուի մտավախութեան զգացողութիւնը. իսկ եթէ հայկական կողմն առաջի՞նը գործարկի իր հեռահար հրթիռային համակարգերը: Պատահական չէ, որ չբաւարարուելով պիելառուսական համակարգերի ձեռքբերմամբ, Պաքուն շարունակում է նոր, աւելի հզօր  զինատեսակների իր որոնումներն ինչպէս եւրոպական երկրներում, մասնաւորապէս, Սլովաքիայում ու Չեխիայում, նոյնպէս եւ Միջին Արեւելքում, կոնկրետ` Իսրայէլում, երկու ուղղութիւններում էլ զանազան մեքենայութիւնների գնով շրջանցելով Եւրոպական միութեան արգելքն Ազրպէյճանին զէնքի մատակարարման խնդրում, ինչը սահմանուել է` նկատի ունենալով, որ նա պատերազմական վիճակի մէջ է Հայաստանի հետ: Յատկանշական է, ինչպէս հպարտօրէն յայտարարել է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ 2016թ. դեկտեմբերին Պաքուի Զագուլբա արուարձանային աւանի իր պալատում կայացած համատեղ մամլոյ ասուլիսում` Ազրպէյճանը մի քանի տարուայ ընթացքում հրէական պետութիւնից գնել է, ընդհանուր առմամբ, 5 միլիառ տոլարի սպառազինութիւն: Թէ ինչպէս եւ ինչ ուղղակի ու զարտուղի ուղիներով, դա արդէն առանձին թեմա է` ուշագրաւ քրէական ինտրիգներով յագեցած, ինչին կը փորձենք հանգամանալի անդրադառնալ յաջորդիւ:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

 

Ակնարկ. Համապետական Մտածողութեան Պարտադրանքը. Կազմե՛լ Կառավարութիւնը

$
0
0

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտէն աւելի քան մէկ ամիս ետք տակաւին գործնապէս չեն սկսած կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւնները: Իրաւական-ընթացակարգային փուլերը այս երկրին մէջ դժուար կը հանգուցալուծուին. յետաձգումները, առկախումները եթէ մէկ կողմէ իւրաքանչիւր համայնքի ապահովելիք չափաբաժիններու առաջադրանքներն են, այդ առումով գոյառուող անհամաձայնութիւնները, առեւտուրները եւ ապա ընդհանուր յայտարարներ գտնելը, միւս կողմէ, սակայն, արտաքին հեռակառավարումներու գործօնով գործընթացներու կասեցումները:

Քաղաքական լաւատեսութիւնը պէտք է փորձել պահել, հակախուճապային քայլերը արագացնել. ասիկա յատուկ վարքագիծ է, որ վերջերս կ՛երեւի պետական մակարդակի վրայ եւ յատկապէս կառավարական որոշ շրջանակներու մօտ Լիբանանին նոր հեռանկարներ պարզելու, ամբողջ տարածաշրջանը բռնկեցուցած թէժ իրավիճակներէ զերծ մնալու եւ միջազգային մակարդակի վրայ հեղինակութիւն ապահովելու:

Այս շրջագիծին մէջ ալ, թէեւ պաշտօնական յայտարարութիւններ չկան, այսուհանդերձ քաղաքական թէ տնտեսական շրջանակներու մէջ յամառ շշուկներ կը շարունակեն յուշել, որ երկիրը կանգնած է տնտեսական նոր ճգնաժամ դիմակայելու իրականութեան դիմաց: Դրամատնային համակարգի մինչ այժմ փաստած անառիկութիւնը, ըստ որոշ ցուցիչներու, կրնայ խնդրոյ առարկայ դառնալ:

Ֆինանսատնտեսական դիւրաբեկութիւնը բնութագրողները եթէ հիմնականին մէջ հիմնաւորումները կը կեդրոնացնեն սուրիական պատերազմի հետեւանքով Լիբանան ապաստանած գաղթականական զանգուածին կուտակած պետութեան նոր բեռին կամ աժան աշխատուժի տարածման եւ շուկայի գրաւումին վրայ, միւս կողմէ նաեւ հետզհետէ կը համոզեն իշխանութիւններուն կողմէ պետական գումարներու առնուազն մսխումին դէմ կատարուած բարձրաձայնումներուն, ընտրական ծրագիրներուն զուտ յայտարարողական պարունակի մէջ սահմանափակուած մնացած ըլլալու մասին:

Ընդունուած տեսութիւն է, որ կալուածային եւ անշարժ գոյքերու առք ու վաճառքի շուկայի սառեցուած կամ յետընթաց վիճակը ամէնէն արագ եւ ամէնէն սուր ցուցիչն է ֆինանսատնտեսական իրավիճակի եւ անոր ոչ ուշ հեռանկարին: Իսկ այս առումով երեւցող նախադրեալները յուսադրիչ պատկերներ չեն պարզեր քաղաքացիներուն առջեւ:

Իրադրութիւններու ընթացքը արագ է: Համընթաց չէ պետական գործընթացներու կշռոյթը: Հակաճգնաժամային գործողութիւններ կազմակերպելը պետական տարբեր հաստատութիւններու եւ գերատեսչութիւններու համակարգումով համալիր ծրագիրներու մշակումն ու գործադրելիութիւնը կ՛ենթադրէ: Իսկ այստեղ առանցքը կառավարութիւնն է, որուն կազմութեան ուշացումը, ձգձգումը նման պայմաններու մէջ  ո՛չ ազգային եւ ո՛չ ալ պետական մօտեցումներով արդարացումներ կրնայ ունենալ:

Այս երկիրը պէտք է միանգամընդմիշտ թօթափէ պետաիրաւական հաստատութիւններու կազմութեան եւ կայացման ընթացակարգերու ձգձգման հնամաշ աւանդութիւնը: Կարելի  է առարկել, որ ամէնէն ժողովրդավար կարգերով կառավարուող երկիրներու մէջ կառավարութիւններու կազմութիւնը կրնայ առկախուիլ, իբրեւ հետեւանք քաղաքական անհամաձայնութիւններու: Բայց անոնց մօտ կան սահմանադրական ժամկէտներ, որոնք կը կանխարգիլեն անորոշ առկախումները: Երբ չկազմուի կառավարութիւնը կամ չնշանակուի վարչապետ, կամ վստահութեան քուէ չստանայ կառավարութեան ծրագիրը, առիթները սպառելէ ետք կը լուծարուի խորհրդարանը եւ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի արտահերթ ընտրութիւններ:

Այստեղ առկախումները անորոշութեան կը մատնեն եւ ըստ էութեան կ՛անդամալուծեն պետութիւնը: Քաղաքական նման բեմագրութիւններ բազմիցս հրամցուած են լիբանանցի ժողովուրդին: Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ այս ընթացակարգը վերստին առաջնորդուած էր բնականոն հուն, հակառակ միջազգային եւ լիբանանեան բազում դժուարութիւններու եւ անոնց պատճառով արձանագրուած որոշ ուշացումներու:

Տարածաշրջանի անկայունութիւնը, ֆինանսատնտեսական ոլորտին սպառնացող երեւոյթները, տարբեր մարզերու մէջ ստեղծուող դժուարութիւններու արագ կուտակումը կ՛ընդգծեն,  համապետական մտածողութեան պարտադրանքի հրամայականը. իսկ այդ պարտադրանքի գործնական դրսեւորումը կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնն է:

«Ա.»

Քաղաքական Տեսակէտ. «Ոչ Ազատակա՞ն, Թէ՞ Ազատական» Ժողովրդավարութիւն

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

1991-ին, երբ Խորհրդային Միութիւնը իր փլուզումը ապրեցաւ, քաղաքագէտ Սամուէլ Հանթինկթըն այդ փլուզումը որակեց իբրեւ ժողովրդավարութեան «երրորդ ալիքը»: Ըստ Հանթինկթընի, առաջին ալիքը 1820-1920 կայսրութիւններու փլուզմամբ ներկայացաւ, իսկ երկրորդը 1945-1960` գաղութատիրութիւններու փլուզմամբ: Հանթինկթըն, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքագէտներ եւ պատմաբաններ, որոնք կը պաշտպանէին արեւմտեան ազատական ժողովրդավարութիւնը (liberal democracy), կը կարծէին, թէ աշխարհը պիտի ապրէր խաղաղութեան մէջ, ուր` ազատական ժողովրդավար երկիրները տնտեսական բարգաւաճում ունենալով, պիտի կարենան յաղթահարել իրենց ներքին մարտահրաւէրները:

Հանթինկթըն մահացաւ 2008-ին, ան չկրցաւ տեսնել, որ իր երազը երկար կեանք չունեցաւ:

Ազատական ժողովրդավարութեան հիմքերէն մէկը իշխանութեան ճիւղերու տարանջատումն է  (separation of powers), ուր ամէն մէկ ճիւղ կը քննէ միւսին աշխատանքը, օրինակ` խորհրդարանը կը քննէ կառավարութեան գործելաոճը, իսկ դատական իշխանութիւնը կը քննէ բոլորին աշխատանքը եւ կը հաստատէ, եթէ որեւէ սահմանադրական խախտումներ կան: Այսպիսով, երկիրը կայուն վիճակի մէջ կը մնայ, ինչ որ արգելք կը հանդիսանայ, որ որեւէ կուսակցութիւն կամ անձ կարենայ երկիրը վերածել բռնատիրութեան: Սակայն այս համակարգը նաեւ ունի իր ժխտական կէտերը: Թուղթի վրայ զայն կը տեսնենք հիանալի եւ փայլուն, սակայն երբ գործի անցնինք, կը տեսնենք, որ կարգ մը օրէնքներ ապագային կրնան դառնալ «անհիմն» եւ վտանգաւոր, մանաւանդ երբ իշխանութիւն դառնայ այնպիսի ուժ մը, ուր ո՛չ սահմանադրութիւնը եւ ո՛չ ալ այլ իշխանական ճիւղ մը կրնայ խոչընդոտել անոր աշխատանքը:

Ներկայիս Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա, Հունգարիա եւ այլ երկիրներ դէպի ոչ ազատական ժողովրդավարական (illiberal democracy) քայլեր առին: 2017-ին Տոնալտ Թրամփ ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ, ան առաջին իսկ օրերէն քննադատեց Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարական կարգերը եւ երկրին մէջ «կարգ ու կանոն» հաստատելու համար ձեռնարկեց ցեղապաշտական եւ սեռային անհանդուրժողական քայլերու: Ան իր հակառակորդները որակեց իբրեւ դաւաճաններ եւ պայքարեցաւ քաղաքական ու սեռային փոքրամասնութիւններուն դէմ` համոզելով ժողովուրդը, որ անոնք կը պատրաստեն ներքին դաւադրութիւն մը: Այսպիսի քայլեր առնուեցան նոյնպէս Թուրքիոյ եւ Հունգարիոյ մէջ:

2002-2009 Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիան կողմնորոշեց դէպի որոշ ազատական ժողովրդավարութիւն, եւ երկիրը ունեցաւ թէ՛ տնտեսական բարգաւաճում, եւ թէ՛ մարդկային իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ որոշ յառաջխաղացք ապրեցան, սակայն Էրտողան այս բոլորը օգտագործեց, որպէսզի, Թուրքիոյ մէջ բռնատիրութիւն հիմնելով եւ քաղաքական ընդդիմութիւնը տկարացնելով, սկսի ստեղծել ոչ ազատական ժողովրդավարական կարգեր: Էրտողան բանտարկեց քրտամէտ կուսակցութեան ղեկավարութիւնը եւ ամէն դաւադրութիւն գործածեց ճնշելու համար զանոնք: Ան սահմանադրական իրաւունքը գործածեց Թուրքիան դարձնելու նախագահական համակարգով ղեկավարուող երկիր` նպատակ ունենալով, որ ինք կամ իր կուսակցութիւնը Թուրքիան դարձնեն բռնատիրական երկիր մը: Եւ այս բոլորը` կառավարական լծակները օգտագործելով:

2014-ին Հունգարիոյ ամբոխավար վարչապետ Վիքթոր Օրպան ըսաւ. «Ժողովրդականութիւնը անպայման միշտ ազատական չէ. եթէ բան մը ազատական չէ, ասիկա անպայման չի նշանակեր, թէ այդ համակարգը ժողովրդավարական չէ»: Օրպանի ուղին բռնեցին նաեւ Լեհաստանի եւ Չեխիոյ կառավարութիւնները: Օրպանի օրինակը արմատացած է արեւելեան Եւրոպայի մէջ: Ըստ Իվան Քարասթեւի «Արեւելեան Եւրոպայի ոչ ազատական յեղափոխութիւնը» խորագրեալ յօդուածին («Ֆորէյն Աֆֆերզ», մայիս-յունիս 2018), այս երկիրներուն մէջ ցեղային եւ մշակութային դերը արմատացած է ներքին քաղաքականութեան մէջ: Մշակութային, ցեղային եւ կրօնական բազմազանութեան նկատմամբ միշտ ալ առկայ եղած է անհանդուրժողականութիւն: Օրպանի պէս անձեր այս անհանդուրժողականութիւնը կ՛օգտագործեն իբրեւ զէնք` դիմադրելու ներքին դաւադրութիւններու, դաւադրութիւններ, որոնք երբեմն նոյնիսկ շինծու կ՛ըլլան եւ երեւակայելի: Օրպան արդէն իսկ հսկայ պայքար կը շղթայազերծէ փակելու ոչ կառավարական կազմակերպութիւններն ու ձախակողմեան շարժումները, եւ իր երկրին անդամակցութիւն` Եւրոպական Միութեան, արդէն իսկ հարցականի տակ է:

Այս ալիքէն կրնանք որոշ դասեր քաղել նաեւ Հայաստանի պարագային: Ներկայիս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը վարուի իբրեւ ամբոխավար ղեկավար մը, որ թերեւս որոշ չափով պէտք է ժողովուրդին հետ ուղիղ կապ հաստատէ, սակայն միւս կողմէն մտահոգիչ է, եւ այս մէկը կրնայ բախումի տանիլ «ԵԼՔ-ի ներքին խոհանոցին» հետ, ինչ որ արդէն իսկ կը կատարուի: Տակաւին կանուխ է ըսել, թէ Հայաստան ո՛ր ալիքին պիտի միանայ, ազատակա՞ն, թէ՞ ոչ ազատական ժողովրդավարութեան: Եթէ Հայաստանի մէջ կ՛ուզենք պահպանել ներքին ժողովրդավարական կարգերը եւ երթալ դէպի ազատական ժողովրդավարութիւն, ապա նախ կարիք կայ հզօր ընդդիմութեան մը: Ներկայիս Հանրապետական կուսակցութիւնը այդ դերը կը կատարէ, սակայն յառաջիկայ ընտրութիւնները պիտի որոշեն Հայաստանի ժողովրդավարական ուղին:

Yeghia.tash@gmail.com

Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0


ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
(1932-1999)

* Հայ ժողովուրդի զաւակներուն բռնի տեղահանումին, աշխարհացրիւ տարտղնումին ու գաղթականութեան ծանրօրէն տագնապալից կացութեան հակառակ` արի ոգին հայկազնեանց անգամ մը եւս կեանք առաւ կեանքին մէջ հայութեան եւ արիւնագրեց պատմութեան տարեգրութեանց մէջ անկախ Հայաստանի ոսկի անունը, 28 մայիս 1918-ին:

ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
(1931-2000)

* Դրաստամատ Կանայեանը
Իր փոքրաթիւ ջոկատներով
Արշաւում է դէպ Ապարան…
Իսկ թուրքն իր յաղթանակով արբեցած`
Ալեքպոլից ուղիղ դէպի Սարդարապատ
Բաց է անում երրորդ ճակատ.
Գրոհում են դէպի առաջ
Չորս տիվիզիա,
Երկու հազար քիւրտ հեծեալներ,
Ու նրանց հետ
Տարտանելի երեք գունդը մարդակործան…
Եւ դեռ էլի զինուած խմբեր…


ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ
(1928-2001)

* Ազգային գաղափարախօսութեան եւ նպատակներու տեսակէտէն, Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին, հիմնական աւանդը եղաւ միացեալ (ազատ եւ անկախ) Հայաստանի տեսլականը:

* Խորհրդանշելով միաժամանակ ե՛ւ մայիսեան համաժողովրդական դիւցազնամարտը, ե՛ւ արեան գնով ձեռք բերուած ազգային անկախութիւնն ու ինքնիշխան պետականութիւնը, մարմնաւորելով իր մէջ կրկնակ խորհուրդը հայ ժողովուրդի մնացորդացի փրկութեան եւ վերածնունդին, հայութեան տեւականացման եւ հայկական արժէքներու նոր ծաղկումին, պարփակելով քաղաքական բազմակողմանի եւ հիմնական իմաստներ` համաթուրանական ծաւալապաշտութեան կասեցման, Հայաստան անունին պաշտօնական ճանաչման, մեր ազգային Դատի նոր դիմագծութեան եւ մեր պատմական հայրենիքի գէթ մէկ մասին փաստացի հայացման տեսակէտէն մայիս 28-ը կը ներկայանայ որպէս անգերազանցելի կարեւորութեամբ օժտուած եւ հիմնական անկիւնադարձ կազմող թուական` հայոց բովանդակ պատմութեան մէջ:

* Համաթուրանական յորձանքին կասեցումը` իբրեւ մայիս 28-ով խորհրդանշուած յաջորդ հիմնական իրագործում, միջազգային չափանիշ, համամարդկային dimension կու տայ հայութեան Գերագոյն Գոյամարտին:

* 1918-ի մայիսեան հրաշքը հասարակաց ու անողոք թշնամիին դիմաց հայ ժողովուրդի մէկ մարդու նման ծառանալուն մէջ կը կայանայ. հայ ժողովուրդի միասնականութեան, ազգային գոյատեւման, հաւաքական կամքի միահամուռ արտայայտութեան մէջ է անոր գաղտնիքը: Գերագոյն վտանգի ամբողջական գիտակցութիւնն էր, որ մարտի դաշտ իջեցուց հայութիւնը` իր ամբողջութեան մէջ, որ օրհասական գուպարին մէջ նետեց բոլորը անխտիր` զինուոր ու քաղաքային, երիտասարդ ու ծերունի, կին ու երեխայ: Կեանքի ու մահուան օրհասական գուպար, որ սակայն դիւցազնական հերոսամարտի մը վերածուեցաւ` կասեցնելով թշնամի բանակներուն յառաջխաղացքը, եւ աւելի՛ն, պարտութեան ու փախուստի մատնելով զանոնք:

* Թող թոյլ տրուի մեզի ըսել, որ մայիս 28-ի խորհուրդին ամենահիմնական նշանակութիւնը համաժողովրդական այդ հերոսամարտին, գերագոյն այդ գոյամարտին մէջ է, որ կը կայանայ: Միւսները` Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը, անոր արտաքին ճանաչումն ու ներքին փաստացի հայացումը, Հայ դատի նոր դիմագծութեամբ վերարծարծումը եւ արձանագրած յաջողութիւնները, հայ ժողովուրդի եւ քաղաքակրթութեան վերածաղկումը` բոլորն ալ անմիջական ու հեռաւոր արդիւնքներն են այդ գոյակռուի յաջող ելքին:

* Հերոսամարտ, բառին ամենաիրաւ եւ բովանդակ իմաստով, մղուած` տակաւին երէկ իր դարաւոր թշնամիին ձեռքով գրեթէ կիսովին բնաջնջուած այս ժողովուրդին կողմէ նոյն այդ դարաւոր թշնամիին դէմ, տասնապատիկ թիւ ունեցող, տասն անգամ աւելի զօրաւոր եւ տասնապատկուած վայրագութեամբ մը զինուած: Հերոսամարտ, սակայն, որ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի դիւցազնադաշտերուն վրայ յաղթանակի պիտի վերածուէր` միջազգային պատմութեան տալով մինչ այդ նմանը չտեսնուած արիութեան եւ խիզախութեան օրինակներ:

* … Եւ այս բոլորէն մեկնելով է, որ կ՛ըսենք անվարան, որ մայիս 28-ը հայոց պատմութեան ամենաշքեղ թուականներէն է, եթէ ոչ` ամենաշքեղը: Անիկա համամարդկային է իր մօտաւոր ու հեռաւոր քաղաքական եւ քաղաքակրթական արդիւնքներով, բայց ամէն բանէ առաջ ու մանաւանդ` համահայկական է իր պատմական բովանդակութեամբ, քանի կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդի միակամ եւ միահամուռ ծառացումը` իր ոչնչացման ձգտող ազգային թշնամիին դէմ:

* Անկախ եւ էապէս հայ Հայաստանը իրականութիւն դարձաւ մայիս 28-ի ծնունդ Հայաստանի Հանրապետութեամբ: Հայկական հարցը վերածուեցաւ ազգային Դատի` Սեւրով նուիրականացած եւ միացեալ ու անկախ Հայաստանի իրագործումը ունենալով իբրեւ քաղաքական յստակ առաջադրանք:

Ու մայիս 28-ի խորհուրդով դարբնուեցաւ մանաւանդ հայ նոր Մարդը, իր պահանջներուն եւ իրաւունքներուն գիտակից հայ քաղաքացին: Հայ քաղաքացին, որ հայրենի լեռներուն ու դաշտերուն վրայ գտնուի թէ սփիւռքի տարածքին որեւէ անկիւնը, ազգային հարցի տեսակէտէն հիմնական ու վերջնական մէկ յստակ իտէալ միայն կը փայփայէ, միացեալ եւ անկախ Հայաստանը:


ԽԱԺԱԿ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
(1941-2001)

* 1918 մայիս 28: Մի թուական, որ անկիւնադարձ հանդիսացաւ հայ ժողովրդի կեանքում եւ արժանի պսակումը դարձաւ նրա մղած կենաց մահու ամեհի պայքարի` ստրկութիւնից նրան առաջնորդելով ազատութեան ու անկախութեան:

* Մայիսի 28-ը ոչ միայն քաղաքական իմաստով անկիւնադարձ հանդիսացաւ մեր կեանքում, այլեւ իր մէջ խտացնելով բոլոր ժամանակների ամենավեհ գաղափարները` ազատութիւնն ու անկախութիւնը, որպէս պայծառ աստղ շողաց հայոց երկնակամարում եւ պիտի շարունակի շողալ այսուհետեւ եւս մինչեւ յաւիտեան, քանի որ մարդ անհատի եւ ժողովուրդների ազատութեան գաղափարը երկրների անկախութեան գաղափարը, պատկանում են յաւերժութեան եւ նրանցից աւելի բացարձակ արժէքներ չկան մարդկային իրականութեան մէջ:

* Մեր ժողովրդի պատմութիւնը կարծես, օրինաչափ հերթագայութիւնն է կեանքի, ազատութեան ու անկախութեան համար մղուած անհաւասար պայքարների: Այդ բոլոր գաղափարների, ձգտումների ու նրանց համար մղուած մաքառումների ամբողջական հանգանակն է մայիս 28-ը:

* Մայիսի 28-ը փաստօրէն այն պարունակն է, որ իր մէջ պարունակում է հայ ժողովրդի դարաւոր իղձերի հանգանակը: Մեր պատմութիւնը վկայ, թէ որքա՜ն արիւն է հոսել, որքա՜ն կեանքեր են զոհաբերուել մեր հայրենի հողի վրայ` նուաճելու մարդկային իրաւունքներից նուազագոյնը եւ ամենավեհը` ազատութիւնը: Ո՜րքան ճիգ ու ջանք է թափուել` ձեռք բերելու ազգային ու պետական անկախութիւն, եւ որքա՜ն արիւն-քրտինք է հոսել` պահպանելու ձեռք բերուածը:


ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՈՒՐՖԱԼԵԱՆ

(1923-2006)

* Պատմութեան մէջ քաղաքական եւ մշակութային մեր վերազարթնումները միշտ արիւնի մէջէն են յառաջացած: Հայկէն սկսած մինչեւ Հայկազեան թագաւորութիւն, Արտաշէսեան հարստութիւն, մինչեւ Արշակունեաց եւ Բագրատունեաց իշխանութիւն` մինչեւ Կիլիկեան անկախութիւն, բոլորն ալ աննկարագրելի հոգեկան եւ ֆիզիքական խոյանքներու արդիւնքներն են եղած: Բայց անոնցմէ եւ ո՛չ մին եղած է այնքան փառաւոր, այնքան ապշեցուցիչ, որքան 1918 մայիս 28-ի իրողութիւնը` եղերական ապրիլէն ետք:

* Կարելի չէ մեզի ծանօթ եւ սովորական բառերով պատկերացնել այն, որ ըրաւ այս ազգը` մայիսեան լուսաշող օրերուն, Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ, իր հազարաւոր ծեր ու մանուկ, երիտասարդ եւ պարման, կին թէ այր, հարուստ թէ աղքատ զաւակներուն միջոցով` ղեկավարութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան:

* Փառաւոր ու մեծ օրուան այս տօնակատարումին, «Վարդահեղեղ արշալոյսի» այս տարեդարձին, ո՛ւխտ պիտի ընէ իւրաքանչիւր դաշնակցական` հաւատարմօրէն ծառայել ժողովուրդին, որ ամէնուրեք մեզմով կը խանդավառուի, որ մեր մէջ կը տեսնէ ինքզինքը, որպէսզի կարելի ըլլայ օր մը, հայրենիքի մէջ եւս, համայն հայութեան ներկայութեան տօնել մայիս 28-ը` որպէս մեծագոյն ազգային տօն:

ԷԴԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
(Էդուարդ, 1932-2004)

* Եթէ Հայաստանում պէտք է ճանաչուէին եռագոյնը եւ մայիս 28-ը, ապա ոչ նրա համար, որ թանգարաններում աւելանան եւս մի քանի նմուշներ, այլ որովհետեւ այդ արժէքները հայ ժողովրդի ազգային ազատագրական հերոսական պայքարի արդիւնքներն էին: Այդ արժէքները Աւարայրի ճակատամարտի նման խորհուրդ ունէին ու անկարելի էր վերականգնել այդ արժէքները առանց ՀՅ Դաշնակցութեան, ինչպէս անկարելի է խօսել Աւարայրի ճակատամարտի մասին առանց Վարդան Մամիկոնեանի ու նրա քաջերի: Մինչդեռ Հայաստանի պատմաբաններն ու պաշտօնական քարոզչութիւնը յամառօրէն շարունակում են յօդուածներ ու աշխատութիւններ գրել ազգային-ազատագրական պայքարի հերոսների մասին` առանց նշելու, որ Աղբիւր Սերոբները ծնուեցին Դաշնակցութեան ծոցից ու ստեղծեցին դաշնակցական ֆետայու կերպարը: Եթէ այս մասին պիտի չխօսուի, եթէ պատմութեան չգրուած էջերը պիտի շարունակուեն լցուել կիսատ-պռատ կերպով, ապա ի՞նչն է փոխուել: Չէ՞ որ առանց Դաշնակցութեան` Սարդարապատի հերոսամարտը արդէն վաղուց ճանաչում էր գտել Հայաստանում, բայց հէնց այնքանով թերի էր, որ բացակայում էր ճակատամարտի գլխաւոր դերակատարը: Ես անձամբ համոզուած եմ, որ Դաշնակցութիւնը եռագոյնի ու մայիս 28-ի հետ վերականգնուած կը լինէր, եթէ նա այսօր գործող կուսակցութիւն չլինէր: Վրացիները, ազրպէյճանցիները, լիթուացիները եւ շատ ուրիշներ ազատօրէն վերականգնում ու վարկափրկում են իրենց անցեալի յեղափոխական կազմակերպութիւնները, որովհետեւ նրանք այսօր գոյութիւն չունեն եւ արդէն դարձել են թանգարանային արժէքներ: Իսկ Դաշնակցութիւնը կենդանի ու մարտունակ կուսակցութիւն է, ուստի նրա վերարժեւորումը կարող է փոխել քաղաքական ուժերի դասաւորութիւնը հայ ժողովրդի ժամանակակից կեանքում: Սա նշանակում է, որ պատմութեան սպիտակ բծերի վերացման բացարձակ արժէքը այսօր էլ քաղաքական ձեւ է ընդունել, ինչը, անշուշտ, դատապարտելի է:

* Սակայն հայերին ոչնչացնել չյաջողուեց: Բարձրացնելով ազգային ազատագրական պայքարի դրօշը` արեւմտեան եւ արեւելեան հայութիւնը միասնական ճիգերով 1918 թուականին փայլուն յաղթանակ տարաւ թուրքական կանոնաւոր բանակի դէմ Սարդարապատում եւ 1918 թուի մայիսի 28-ին հռչակեց Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը, որը մի քանի տարի յետոյ խորհրդայնացաւ եւ գոյութիւն ունի մինչեւ այսօր` Խ. Միութեան կազմի մէջ:


ԳԷՈՐԳ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

(1925-2006)

* Սուղ վճարեցինք, շա՜տ սուղ, գնելու համար մեր անկախութիւնը: Եւ հաւանաբար ո՛չ ոք մեզի չափ սուղ վճարած է իր անկախութեան համար: Հազարաւորներու մաքուր արեամբ գրուած է 1918 մայիս 28-ը: Զայն ուրանալ փորձել` կը նշանակէ ցեղի ձայնին դաւաճանել:

* Ճիշդ է, որ մակերեսային դատումով մը, երազները կը մաշեցնեն ժողովուրդ մը: Այո՛, բայց` արտաքնապէս միայն: Միւս կողմէ, սակայն, կ՛ուժեղացնեն եւ կը հզօրացնեն ներքնապէս: Բազմութիւններէն ազգ կը կերտեն: Մայիս 28-ը, արտաքին ճակատի վրայ սուղ արեան վճարումով յաղթանակ մը ապահովելով հանդերձ, մեզ ներքնապէս զօրացուց եւ պահանջատէր հայութեան վերածեց:

* Ցաւալի է հաստատել, որ անկախութեան հռչակումէն սկսեալ եւ դեռ մինչեւ այսօր սփիւռքի մէջ կը գտնուին մարդիկ, որ կ՛ուզեն նսեմացնել մայիս 28-ի արժէքը: Երբեմն թիւրիմացութեանց զոհ, երբեմն դիտաւորեալ մեկնաբանութեամբ` զայն վերածելու համար թուրքէն տրուած շնորհքի եւ որոշ հատուածի մը սեփականութիւն:


ԲԱԳՐԱՏ ՈՒԼՈՒԲԱԲԵԱՆ
1925-2001

* Հայ ժողովրդի հազարամեայ պատմութեան աստեղային ժամը Սարդարապատի ճակատամարտն էր, 1918 թ. մայիսեան այն հրեղէն շաբաթը, որը կործանման եզրին հասած ազգի համար դարձաւ գոյատեւումի ու ազգապահպանութեան խարիսխ:

Սարդարապատի հերոսամարտի մասին արդէն բաւական գրականութիւն է ստեղծուել` վաւերագրական, պատմագիտական եւ գրական-գեղարուեստական:

* Բանն այն է, որ իմ մանկութիւնն ու պատանեկութիւնն անցել են Սարդարապատի զինուորի ընտանիքում: Զինուորի, որի համար եւս այդ ճակատամարտը եղել էր աստեղային ժամ, դարձել էր նրա մտքերի, խօսքերի, երազների տիրակալը ու այդպէս էլ մնաց մինչեւ օրերի վերջը: Հէնց այդ պատճառով եւ իմ երջանիկ բախտով Սարդարապատը դարձել է կազմաւորուող էութեանս կաթ-սնունդը, Սարդարապատի ոգին եղել է իմ ուղեկիցը եւ ուղեցոյցը, մինչեւ որ ինքս էլ գրիչ եմ վերցրել իմ սեփական Սարդարապատը թղթին ու ընթերցողին յանձնելու համար:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

(Շար. 9)

Անդրադարձ. Սարիղամիշի Մէջ 1918-Ին –Գ.

$
0
0

Համադրեց` ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Սիմոն Վրացեանի յուշագրութեան այս վերջին մասը կը ներկայացնէ, մասամբ` անկարող հրամանատարութեան մը պատճառով ստեղծուած, նաեւ` որեւէ պատերազմական վիճակի մէջ անխուսափելի, սրտաճմլիկ պատահարներ, զորս ան  բնա՛ւ չէ կրցած մոռնալ:

«Դիւրին է պատմուճանները չարատաւորել` կանաչ սեղանին շուրջ նստած, Գոլովինսկիի Տէր Մարգարեանի շքեղ դահլիճին մէջ: Դժուար չէ «մաքուր» պահել խիղճը եւ սուրբի կերպարանքով ամբոխին ներկայանալ, ուրիշներուն վրայ ձգելով «աղտոտ» գործերը: Սեփական պատմուճանին եւ սեփական խիղճին մասին հոգացող ազնիւ մարդը պարտաւոր է նոյն ձեւով մտածել նաեւ ուրիշին պատմուճանին ու խիղճին մաքրութեան մասին…

Թիֆլիսի Գոլովինսկի փողոցի Հայոց ազգային խորհուրդի հաւանական նստավայրը

Բայց նման նուրբ խորհրդածութիւններով զբաղելու ժամանակ չկար. մեր առջեւ կանգնած էին ապացուցուած ծանր յանցաւորներ, որոնց համար դատախազը մահապատիժ կը պահանջէր: Եւ ամէնուն հայեացքը ուղղուած էր մեր կողմը. անպարտ արձակել` պիտի նշանակէր քաջալերել դասալքութիւնը` հիմնապէս քայքայելով ռազմաճակատը: Դատարանը միաձայնութեամբ որոշեց երեքն ալ գնդակահարել անմիջապէս, առանց վերաքննութեան իրաւունք տալու…

Երկուքը լուռ լսեցին դատավճիռը` համարեա անտարբեր, բայց անտառապահին վրայ շշմեցնող տպաւորութիւն ձգեց: Ան պահ մը կարծես չըմբռնեց կարդացուածին իմաստը, ապա ցնցուեցաւ, սուր ճիչ արձակեց, սկսաւ պոռալ… Անհասկնալի խօսքեր կ՛արտասանէր: Կու լար: Երեւոյթը եղկելի էր, այդքան մեծ մարմնին մէջ, այդպիսի՜ փոքր հոգի…

Մի քանի ժամ ժամանակ տրուեցաւ ձեւականութիւնները լրացնելու եւ ամբաստանուածներուն պատրաստութեան համար. կրնային նամակ գրել իրենց ազգականներուն: Երեկոյեան դէմ մահավճիռը գործադրուեցաւ:

Զօրանոցէն քիչ անդին, վարը, փոքրիկ հարթավայրին վրայ կանգնած էր հրացանաւոր ջոկատ մը: Փոքրիկ սեղանին շուրջ կեցած էին դատարանին անդամները` նախագահ, Դրօ, դատախազ: Պետեա Բէգզատեանը, հազիւ 20 տարեկան, աղաչեց, որ իրեն ազատենք մահապատիժի գործադրութեան ներկայ գտնուելու պարտականութենէն: Անդին` բարձունքին վրայ խռնուած էին դիտողները, որոնց մէջ, անշուշտ, «մաքուր խիղճով» մարդիկ ալ…

Զինուորական մահապատիժ ձիւնին վրայ

Արեւը մայրամուտին կը մօտենար: Ցո՛ւրտ: Սարիղամիշը ծածկուած էր ձիւնի հաստ շերտով, որ կը սռթսռթար կօշիկներուն տակ:

Սուինաւոր զինուորներով շրջապատուած երեք դատապարտեալները յամր քայլերով մօտեցան ու կանգ առին հրապարակին մէջտեղ` գլուխները կախ:

Սարիղամիշը կարծես շնչելէ դադրած էր. քա՛ր լռութիւն կը տիրէր:

Ակնթարթ մը, եւ նախագահը կը կարդայ դատավճիռը… Գերմարդկային աղաղակ մը, ապա, կարծես, վիրաւոր ոռնոց` անտառապահը գետին կը տապալի ու գլուխը կտրուած հաւու նման կը ցնցուի, անիմաստ բացագանչութիւններով կը ճանկռտէ սառած հողը… Պահակները ոտքի կը հանեն: Միւս երկուքը անտարբեր կանգնած են, կարծես իրենց չէր վերաբերեր մահավճիռը…

Ու վայրկեանի մը մէջ կը կապեն աչքերն ու ձեռքերը` շարքի կանգնեցնելով… Մէկ, երկու, երեք. կ՛որոտան հրացանները… Հեռախօսը կը շտապէ հաղորդել առաջաւոր դիրքերուն:

– Երեք հայրենիքի դաւաճան խռովարարներ զինուորական ատեանին կողմէ մահուան դատապարտուած են: Մահավճիռը գործադրուած է…

Նոյն երեկոյեան ուղիղ հեռագրաթելը կը հաղորդէ Թիֆլիս.

– Զինուորական ատեանը Սարիղամիշի մէջ գնդակահարութեան դատապարտեց երեք չարամիտ դասալիքներ: Մահապատիժը գործադրուած է անմիջապէս:

Վաղը առաւօտ, Գոլովինսկիի Տէր Մարգարեանի դահլիճին մէջ,կանաչ սեղանին շուրջ, անուշ թէյ խմելու ընթացքին, Հայոց ազգային խորհուրդի անդամները գլուխները օրօրելով` հեռագիրը պիտի կարդան…

Եւ օրեր ետք, Շորագեալի գիւղերէն մէկուն մէջ, լացով ու վայնասունով պիտի կարդացուի այն նամակը, որ «հայրենիքի դաւաճան, դասալիք» անտառապահը մահէն առաջ գրած էր իր կնոջ ու զաւակներուն:

Ա՛հ այդ նամակը… Մինչեւ այսօր ալ, երբ գիշերը աչքերէս քունը կը փախչի, անտառապահին վիթխարի հասակը կը ցցուի առջեւս եւ մեծ, թափանցող աչքերը կը ծակեն սիրտս: Եւ տեսողութեանս կը պատկերանայ արցունքով թրջուած  թուղթի կտորը, որուն վրայ մահապարտը իր կոպիտ ձեռքով շարած էր սրտի այնպիսի՛ քնքուշ զեղումներ, այնպիսի՛ սրտառուչ խօսքեր…

Ալեքսանդրապոլի` Գիւմրիի ռուսական բոլորակաձեւ «Սեւ բերդը» 1834-էն ցարդ

Նամակը ուղղուած էր կնոջ եւ երեք մատաղ զաւակներուն, որոնք անհամբեր կը սպասէին հօր վերադարձին: Կը սկսէր աղաչանքով, որ ներեն իրեն, ինքը Աստուծոյ առջեւ ինքզինք մեղաւոր կը զգար: Իր կամքէն անկախ` վախի ազդեցութեան տակ յանցանք գործած էր: Չէր ուզեր մեռնիլ թշնամիին գնդակէն, բայց ահա քիչ ետք պիտի մեռնէր` իբրեւ դաւաճան, հայու գնդակէն…

Ներողութի՛ւն, հազա՛ր ներողութիւն: Աստուած այսպէս կամեցած է եւ կը ներէ իրեն: Ինքը այդ համոզումով ալ կը մեռնի: Ե՛ւ իրեն հետ կը տանի կնոջ եւ զաւակներուն հանդէպ սրտի անհուն սէրը… Ապա` թախանձագին յորդոր կնոջ, որ պատուով պահէ զաւակները. Թող անոնք յարգեն դժբախտ հայրը, որ այնքան կը սիրէ զիրենք: Եւ փաղաքշական անպաճոյճ խօսքեր, կարօտ ու գուրգուրանք զաւակներուն` ամէն մէկուն առանձին-առանձին… Եւ անէծքի կամ թշնամական ո՛չ մէկ խօսք իշխանութեան կամ դատաւորներուն հասցէին: Միայն արցունք եւ անհուն սէր` հարազատներուն…

Թղթատարին յանձնելէն առաջ կարդացի մէկ, մի քանի անգամ: Եւ կարծես ձեռք մը ամուր կը սեղմէր սիրտս: Սիրտս կը ճմլուի նաեւ այսօր, երբ անքուն գիշերին աչքերուս կը պատկերանայ անտառապահին մահուան սարսափէն սառած հայեացքը… Եւ կ՛երեւակայեմ անտառապահին կնոջ եւ զաւակներուն վիշտը հօր նամակը կարդալու ատեն` իրենց որբացած խրճիթին մէջ…

Դատավարութենէն ետք, զօրավար Արէշեանի թախանձանքին վրայ, Դրոն ճակատ մեկնեցաւ թշնամիին դէմ կռիւները վարելու համար: Ճակատը Սարիղամիշի մօտերը Խոնդրէի ձորին մէջ էր: Թնդանօթներուն որոտը մեր ականջներուն կը հասնէր…

Գիւմրի-գրաւեալ Կարս երկաթուղին, 1899-ին սկսած եւ 1993-ին Թուրքիոյ կողմէ փակուած

Քիչ ժամանակ անց Փափազեանը զինուորական տիկնոջ հետ Թիֆլիս մեկնեցան: Այլեւս գաղթական չէր մնացած: Սարիղամիշէն հեռացան նաեւ բժշկա-առողջապահական ու խնամատարական խումբերը: Զօրավար Արէշեանին հետ սուր անհամաձայնութեան պատճառով, ռազմաճակատէն հեռացան նաեւ Մուրատն ու Սեպուհը` իրենց մարտիկներով: Մենք մինակ մնացինք, համարեա դուրսի աշխարհէն կտրուած. Դրոն Խոնդրէի առաջաւոր դիրքերուն էր, ուրկէ թնդանօթներուն որոտը աւելի եւ աւելի սպառնական` կը մօտենար մեզի. Վահան Նաւասարդեանը` զօրավար Արէշեանին քով դայեակի դերով եւ ես` ամայացած Սարիղամիշի «զինուորական հրամանատար»…

… Բայց մենք դատապարտուած էինք: Բախտը մեզ լքած էր: Մեր միակ կապը դուրսի աշխարհին հետ հեռագրաթելն էր: Լուրեր կը ստանայինք Ալեքսանդրապոլէն եւ Թիֆլիսէն, իսկ Հայոց Ազգային Խորհուրդը ժողովներ կը գումարէր Գոլովինսկի փողոցին վրայ, Տէր Մարգարեանի դահլիճին մէջ եւ զինուորական գործավարին օգնականը քաջալերական խօսքեր կ՛ուղղէր… մեզի:

Թիֆլիսի հիմնարկութիւններն ու սրճարանները կը վխտային զինուորական հագուստ հագած դասալիքներով, իսկ մենք օրերը կը հաշուէինք, թէ մեր անխօս չարչարանքին վախճանը ե՛րբ պիտի հասնի: Եւ վախճանը չուշացաւ:

… Որոշուեցաւ. մարտ 28-ին (1918) զօրքը քաղաքէն կը հեռանայ: Զօրավար Արէշեանին հետ կը մեկնի նաեւ Նաւասարդեանը: Վիրաւորները, հիւանդանոցներու ու պահեստներու ծառայողները, քաղաքացիներու մնացորդները իմ հետս կը հեռանան երկաթուղիով: Քաղաքին պահեստներն ու ռազմական արժէք ներկայացնող շէնքերը կը պայթեցուին: Պայթեցնող ջոկատը, գործը լրացնելէն ետք, կը միանայ մեկնողներուն:

Արդէն մութը ինկած էր: Վերջին անգամ աչք նետելէ եւ քաղաքին զանազան մասերը քննելէ ետք կայարան հասայ, ուր խաւարին մէջ արդէն պատրաստ կը սպասէր գնացքը` բեռնաւորուած ստուեր դարձած մարդոցմով եւ ապրանքով: Քաղաքին մէջ մարդ չէր մնացած (Կարսէն 53 քմ հարաւ-արեւմուտք, ՅՉ):

Սարիղամիշի երկաթուղին քաղաքէն դուրս` բլուրին վրայ

Գնացքը դանդաղ դուրս եկաւ  կայարանէն եւ կանգ առաւ քաղաքէն դուրս, բարձունքին վրայ: Ամէնքը ականջ կտրած` կը սպասէին: Մէկ ալ` թրա՛խկ, պո՛ւմ, պո՛ւմ. քաղաքի բոլոր կողմերէն որոտացին պայթող ռումբերը: Պայթիւնին յաջորդեց հրդեհը: Հետզհետէ քաղաքը լուսաւորուեցաւ բոցավառ ջահերով: Լոյսերու խաղն ու ռումբերուն որոտը հեռուէն տօնական հրավառութեան տպաւորութիւն կը ձգէին: Գնացքի ճամբորդները դուրս թափուած` հիացումով կը դիտէին…

Կէս գիշերը մօտ էր, երբ ռումբերուն որոտը դադրեցաւ: Գնացքը պարտաւոր էր յառաջանալու: Ես տեղ գտայ մինչեւ բերան զինուորներով լեցուած բեռնակիր սայլին մէջ: Հազիւ ծալապատիկ տեղաւորուած էի, մեծ դժուարութեամբ ներս մտցուցին ծանր վիրաւոր երիտասարդ զինուոր մը: Չէր կարողանար նստիլ: Տեղ բացինք ու պառկեցուցինք մօտս: Գլուխը դրաւ ծունկիս վրայ: Դժուարութեամբ կը շնչէր: Տաքութեան մէջ կը զառանցէր: Շարունակ կը ցնցուէր եւ անկապ խօսքեր կ՛արտասանէր: Ջուր կը խնդրէր.

– Ջո՜ւր… ջո՜ւր… – բայց ջուր չկար:

Շարունակ կը կրկնէր.

– Մամա՜… մամա ջա՜ն… ջո՜ւր…

Ամուր կպաւ ձախ թեւիս եւ չէր ձգեր: Գլուխը անհանգիստ կը շարժէր ծունկիս վրայ: Ամբողջ մարմինը կարծես կ՛այրէր:

– Ջո՜ւր, – կը կանչէր մոլեգնօրէն:

Ո՞վ էր այս տղան: Ոչ ոք ծանօթ էր անոր: Վերջին պահուն, պատահաբար, հիւանդանոցէն հանած ու բերած էին: Կրնար մնալ եւ թուրքերուն ձեռքը իյնալ:

Երեւոյթէն ալ անհնար էր իր ինքնութիւնը գուշակել: Վրան ունէր սովորական զինուորական հագուստ եւ վերարկու: Վրան ոչ մէկ կտոր թուղթ գտնուեցաւ: Մեր հարցումներուն չէր պատասխաներ: Կը հասկնա՞ր, թէ արդէն գիտակցութիւնը կորսնցուցած էր:

– Ջո՜ւր, մամա ջա՜ն… ջո՜ւր,- յուսահատ կը ճչար…

Գնացքը դանդաղ կը սողար բիրտ ցնցումներով: Սայլին մէջ խոր լռութիւն կը տիրէր: Ոմանք նստած կը մրափէին: Ոմանք անշշուկ կը ծխէին: Իւրաքանչիւրը` իր մութ խոհերուն մէջ ամփոփուած:

– Մամա ջա՜ն… ջա՜ն…

Ու դառն հեծկլտանք… Խռկոց, կարծես կը խեղդէին: Ջղային գալարումներ…

Այս տղան քաղաքացի պէտք էր ըլլար: Գիւղացին «մամա ջան» չէր ըսեր… Այլեւս չէր ճչար: Գլուխը ծանր ինկած էր ծունկիս…

Կ՛երեւի մրափած էի: Անթափանց խաւարը մէկէն ցնցեց զիս: Տղան խաղաղ պառկած էր` գլուխը ծանր դրած ծունկիս: Ձեռքը ամուր փակած էր թեւիս: Շոյեցի ճակատը. պա՜ղ…

Ոչ ոք զգացած էր` ինչպէ՛ս վերջին շունչը փչած էր: Մեծ դժուարութեամբ տեղ բացինք. դիակը դրան մօտ տեղաւորեցինք: Անկիւնէն մէկը ըսաւ.

– Հոգւոյն հանգուցելոցն արա հանգիստ եւ ողորմութիւն…  Դասաւորեայ ընդ արդարոց…

Լուսաբացը հեռու չէր: Գնացքը ծանր հեւոցով կանգ առաւ բաց դաշտին մէջ: Մօտակայ բլրակին գագաթը բահով փոս մը փորեցինք: Դիակը մէջը դրինք եւ հողով ու չոր ձիւնով ծածկեցինք: Գլխուն վերը` ծառի ճիւղերով խաչ մը տնկեցինք: Եւ նոյն զինուորը, որ հոգւոց կարդաց, դամբանական խօսեցաւ:

– Ո՛չ փող զարկինք, ո՛չ արձագանգ լեռնասոյզ… Ընկե՛ր ջան, անծանօ՛թ երիտասարդ ընկեր, ննջէ հանգիստ քու նոր օթեւանիդ մէջ: Եւ ներէ մեզի, որ դեռ կ՛ապրինք…

Գնացքը դանդաղ շարժեցաւ: Կարսին կը մօտենայինք: Արեւը դեռ ծագած չէր, բայց շրջակայ բարձունքները գորշ մանիշակագոյն` կը պատրաստուէին լուսատուին երեւումը ողջունելու:

Սայլին մէջ ոչ ոք կը խօսէր: Ամէն ոք իր միտքերուն անձնատուր էր: Եւ ականջիս շարունակ կը լսուէր.

– Մամա՜… Մամա ջան, ջո՜ւր…»

16 մայիս 2018
(Շար. 3 եւ վերջ)

——————————-

(1) «Կեանքի ուղիներով. դէպքեր, դէմքեր, ապրումներ», Սիմոն Վրացեան, Ա. հատոր, Գ. տպագրութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2007, էջ 187-201:

Տեսանիւթ`10 Օր տանը – Սարիղամիշ, Իգդիր, Բայազետ, Բերկրի (երկրորդ մաս) «Երկիր Մետիա» https://www.youtube.com/watch?v=kd9BRk5rXwM

Դրօ կը պատմէ 1918-ի մայիսեան հերոսամարտերը` ձայնագրութիւն:
https://soundcloud.com/mindrkisdq2w/generaldrastamatkanayan/s-X0E6T

 


100-ամեակ. Մեր Մասնակցութիւնը

$
0
0

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով մեր թերթի նախաձեռնած աշխատանքները իրենց աւարտին չեն հասած. տարին ամբողջ յոբելենական է, եւ տարբեր միջավայրերէ կը հնչեն առաջարկներ Ա. Հանրապետութեան երկուքուկէս տարուան իրագործումները նշելու, պատմաքաղաքական իրադարձութիւններու այժմէականացման փորձեր կատարելով քննարկման եւ հրատարակչական նոր տարածքներ ձեւաւորելու:

Հիմա գանք մեր փոքր ածուին` նկատելու համար «Ազդակ»-ի կատարած մինչ այժմեան աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը:

Հիմնական երկու յայտարարուած առաջադրանքներ կատարուած են արդէն: Առաջինը Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկին մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրուած բացառիկ թիւի հրատարակութիւնն էր: Թիւի բովանդակութիւնը ներառած է Ազգային ակադեմիայի գիտաշխատողներու, ինչպէս նաեւ սփիւռքի տարբեր շրջաններէ մամուլի աշխատակիցներու ուսումնասիրութիւններ, մտածումներ, հրապարակախօսական յօդուածներ: Բացառիկէն որոշ քանակութիւն ուղարկուած է Ազգային ակադեմիա, որ 100-ամեակի շրջագիծին մէջ լոյս տեսած հրատարակութիւններու ներկայացման ծրագիրներուն մէջ ներառած է նաեւ «Ազդակ»-ի հրատարակութիւնը:

Ազգային գրադարանին հետ մեր համագործակցութիւնը յանգած էր Ա. Հանրապետութեան օրերուն լոյս տեսած մամուլի նկարահանուած օրինակներու մեր կեդրոնին մէջ թուայնացման: Այսօր արդէն կարելի է ըսել, որ Ա. Հանրապետութեան մամուլի օրինակներու այն հաւաքածոն, որ կը գտնուի Ազգային գրադարանին մէջ, թուայնացուած իր վերջնական տեսքով տրամադրելի վիճակին մէջ կը գտնուի:

Այս երկու առաջադրանքներուն առընթեր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերաբերող գրականութեան, ալպոմներու, լուսանկարներու թուայնացման եւ ելեկտրոնային արխիւացումի որոշ նախաձեռնութիւններ կայացած են իբրեւ աշխատանքի առաջին փուլ: Շնորհիւ ընտանեկան արխիւներէ խմբագրութեան տրամադրուած լուսանկարներու, այսօր մեր ելեկտրոնային արխիւին մէջ կը գտնուին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետէն, կրթութեան եւ լուսաւորութեան նախարարէն, յատուկ բանագնացէն, Շիրակի նահանգապետէն, զինուորական նախարարէն եւ հանրապետութեան այլ կերտիչներէն եւ անոնց անմիջական մտերմութեան մէջ եղած ազգային-կուսակցական գործիչներու անտիպ լուսանկարներ: Լուսանկարներու ելեկտրոնային արխիւը համալրուած է նաեւ Հայաստանէն երիտասարդ գիտաշխատողներու մեզի տրամադրած դարձեալ անտիպ լուսանկարներու նմուշներով: «Ազդակ» իր հերթին փոխադարձած է անոնց ուղարկելով իր մօտ գտնուած անտիպ լուսանկարներու ելեկտրոնային օրինակները:

«Ազդակ»-ի ելեկտրոնային գրադարանը հարստացած է այս առիթով Սիմոն Վրացեանի հաստափոր հատորով` «Հայաստանի Հանրապետութիւնը»: Ապա իբրեւ նորագոյն հրատարակութիւն, արդէն աւարտած է այս ուղղութեամբ աշխատանքը Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսած Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը գեղատիպ լուսանկարներ ամփոփող ալպոմին, ուր լոյս տեսած են ոչ միայն Ա. Հանրապետութեան առնչուող լուսանկարներ եւ համապատասխան բացատրութիւններ, այլ նաեւ բնագրային ձեռագիրներ, վաւերաթուղթեր:

«Ազդակ» նպատակ ունէր այս առիթով Արամ Մանուկեանի վերաբերող երեք հրատարակութիւնները թուայնացնելու: Կը սպասէինք, որ լոյս տեսնէր «Արամ Մանուկեանի նամականի»-ն, որ համալրեց «Արամը» հատորն ու Արամ Մանուկեան փաստաթղթերի եւ նիւթերի հաւաքածոյ»-ն:

Այսպիսով, Հրաչ Տասնապետեանի, Ամատունի Վիրապեանի եւ Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած եւ Արամին նուիրուած հատորներու ելեկտրոնային տարբերակները յուլիսի աւարտին արդէն վերջնական պատրաստ վիճակի մէջ կ՛ըլլան:

Ինչպէս ըսուեցաւ, 100-ամեակը ո՛չ մայիս ամիսով, ո՛չ ալ յոբելենական տարիով կը սահմանափակուի: Իսկ ժամանակի այս յղացքը մեզ կը մղէ շարունակելու մեր ոլորտին հետ առնչուած նախաձեռնութիւններու իրականացման աշխատանքները:

Ազգային գրադարանին կողմէ նկարահանուած եւ Ա. Հանրապետութեան պետական գործիչներու յատկապէս  յուշագրական գրականութեան թուայնացման հեռանկարը մեզ կը մղէ անդադար աշխատելու այս ուղղութեամբ: Մինչ, Ազգային արխիւի հրատարակած «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստերի արձանագրութիւններ 1918-1920 թթ.» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պառլամենտի նիստերի արձանագրութիւններ 1918-1920 թթ.» արդէն ամբողջացուցած են թուայնացման աշխատանքի առաջին փուլը:

Բացառիկի հրատարակութիւն, օրաթերթի էջերով ուսումնասիրական բնոյթի յօդուածաշարքերու հրապարակում, արխիւային արժէք ունեցող անտիպ լուսանկարներու հաւաք եւ նկատառելի հաւաքածոյի գոյառում, նկարահանում, ելեկտրոնային գրադարանի համալրում, Ա. Հանրապետութեան մամուլի թուայնացում, ընդհանրապէս Ա. Հանրապետութեան հետ առնչուած հնատիպերու եւ յատկապէս Արամի նուիրուած հատորներու թուայնացում` գործակցութեամբ Ազգային ակադեմիայի, Ազգային գրադարանի, գիտահետազօտողներու եւ «Ազդակ»-ի բարեկամներու, մեր մարզի համեստ ներդրումն է մեզ իբրեւ ազգ եւ պետականութիւն փրկող մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրորոշ իրադարձութեան` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով:

«Ա.»

Սկսելու համար…

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման գործընթացը և այդ ոլորտի տնտեսական ուժականութիւններու կերպարանափոխութիւնը և անցումը դէպի ժողովրդավարական մրցակցային տնտեսութիւն նուրբ և ոսկերչային աշխատանք պահանջող գործ է, զոր կարելի է իրագործել բազմամակարդակ ռազմավարութեան մը հետևողական կիրառումով միայն և համապարփակ տեսլականով։ Հանրութիւնը պէտք է ճիշտ գնահատէ գործին թեքնիք և բազմահանգրուան բնոյթը և համապատասխան յարատևութեամբ պահպանէ իր զօրակցութիւնը Վարչապետ Փաշինեանի և Նախարար Արծուիկ Մինասեանի յառաջիկայ նախաձեռնութիւններուն։ Այս գործը կ՚ենթադրէ ըլլալ միաժամանակ արմատական, համակարգային, վճռական և ճկուն՝ յստակ և չափագրելի նպատակներու հետապնդումով։ Պարզ խօսքով, պարագայական շահատէրեր միայն թիրախաւորելով և հալածելով ՝ոչ կ՚ըսկսի և ոչ ալ յաջողութեամբ կրնայ պսակուիլ այս կենսական առաջնահերթութիւնը։

Սկսելու համար, կարևոր է, որ մասնագիտական խումբի մը օգնութեամբ (թէկուզ արտասահմանեան փորձագիտական հաստատութիւններ ևս գործի լծելով) կատարուի կացութեան ամբողջական գնահատութիւնը (Assessment of the Situation) ։ Նոր քաղաքականութիւն ձևաւորելու համար կարևոր է, որ գիտնանք ճշգրիտ բնոյթը մենաշնորհային դաշտին։ Այս ուսումնասիրութիւնը պէտք է առնուազն ընդգրկէ հարցադրութեան հետևեալ ոլորտները.

(ա) Ովքե՞ր են մենաշնորհային համակարգի տէրերը։

(բ) Պարզել մենաշնորհային ուժի պաշտօնական և անպաշտօն կառուցակարգերը տնտեսութենէն ներս։

(գ) Յստակացնել համակարգի ճիւղային տեղաբաշխումը։

(դ) Յստակացնել համակարգի աշխարհագրական տեղաբաշխումը։

(ե) Ճշտել համակարգին ազդեցութեան ծիրը մրցակցային դաշտէն ներս և դաշտը առևանգելու մեթոտները։

(զ) Յստակացնել համակարգին քաղաքական լծակները։

(է) Համակարգին վերջին 28 տարիներու ներդրումային գործունէութեան վերլուծութիւնը։

(ը) Համակարգին կողմէ ցարդ ստեղծուած աշխատատեղերու թիւը տարի առ տարի։

(թ) Ազգային եկամուտի (National Income) վերաբաշխման ծաւալները և համակարգի համեմատական կշիռը այդ ծաւալներուն մէջ։

(ժ) Համակարգին հարկային մուտքերու ծաւալները պետութեան սնտուկէն ներս։

(ժա) Սեփականաշնորհման ի՞նչ պայմաններու մէջ կազմաւորուած է համակարգը անկախութեան առաջին տարիներէն սկսած և ի՞նչ աճ արձանագրած է ան տնտեսական ուժի կեդրոնացման առումով։

(ժբ) Ճշտել աշխատավարձերու ներկայ վիճակը համակարգի ոլորտին մէջ։ Ի՞նչ աճ արձանագրած են անոնք վերջին 28 տարիներու ընթացքին։ Ի՞նչ չափով անոնք կը համապատասխանեն կենսական զամբիւղի չափանիշներուն։ Ի՞նչ են աշխատաւորական կողմի բանակցային կարելիութիւնները համակարգի ոլորտին մէջ։

(ժգ) Ճշտել մենաշնորհի տէրերու փոխյարաբերութեան բնոյթը։ Ընտանեկան ոստայնի ներքին ուժային կառուցուածքը և շահատէր ընտանիքներու համագործակցային ցանցին ամբողջական քարտէզը։

(ժե) Ճշտել մենաշնորհային համակարգի շահոյթի ծաւալները և շահոյթի վերաներդրումային ուղղութիւնները։ Յստակացնել թէ շահոյթը ի՞նչ չափով կը մնայ երկրի տնտեսութեան մէջ և ի՞նչ չափով կը լքէ երկիրը։

(ժզ) Ճշտել կապը Հայաստանի մենաշնորհային համակարգի և արտասահմանի տնտեսական շահերուն միջև։

(ժէ) Վերջապէս ճշտել համակարգէն ներս գնագոյացման մեքանիզմները և ընել բախտատականը միջազգային շուկայի գիներուն հետ։

Այս և բազմաթիւ այլ ստուգանիշներ պէտք է առարկայական հիմ ծառայեն հակամենաշնորhային հուժկու ռազմավարութեան մը ձևաւորման համար։

Իտէալ պայմաններու մէջ, պետութեան նպատակը պէտք է ըլլայ ամրացնել տնտեսութեան մրցակցային դաշտը և ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որ մենաշնորհային համակարգով ստեղծուած տնտեսական ուժականութիւնը իր լինելիութիւնը փնտռէ Հայաստանի ազգային տնտեսութեան մէջ փոխանակ փախուստ տալու երկրէն։ Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ խթանել ձեռներէցութիւնը, որ մեր ազգային մեծ հարստութիւնն է։ Ընել այնպէս, որ ան ունենայ լայն ասպարէզ իր հզօր քանքարը ծաւալելու մրցակցային առողջ մթնոլորտի մը մէջ փոխանակ ծուլանալու մենաշնորհային ճահիճին մէջ։

Ի վերջոյ այս ամբողջ քաղաքականութեան էական նպատակը պէտք է ըլլայ նոր և որակաւոր աշխատատեղերու ստեղծումը երկրին համար և տնտեսական առողջ աճի գոյաւորումը։ Մեր նպատակն է ջնջել աղքատութիւնը երկրէն ներս, կասեցնել արտագաղթը, բարոյապէս զինել մեր ժողովուրդը և կառուցել ինքնավստահ քաղաքացին։ Այս բոլորը կրնա՛ն իրագործուիլ։ Կրնան իրագործուիլ այս իսկ սերունդի օրով։ Անոնք մեր հասողութեան մէջ կը գտնուին։ Եւ այդ բոլորին նախապայմանը հակամենաշնորհային առոյգ քաղաքականութիւնն է պետութեան գործի բոլոր ոլորտներու լիարժէք ընդգրկումով։ Եւ այսօ՛ր։

Յունիս 21, 2018
Ուաշինկթըն

Այցելութեան Մը Առիթով Ծփացող Միտքեր

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ծփացող միտքեր` մարդը փնտռելու համար կեանքի ծուռ-շիտակ եւ զիրար խաչաձեւող լայն թէ նեղցող ուղիներու վրայ:

Ճամբորդութեան մը ընթացքին յիշեցի կէս դար առաջուան ծանօթութիւն մը եւ փափաք ունեցայ կրկին զինք տեսնելու:Հակառակ իր մատուցած բազմատեսակ ծառայութիւններուն` իր պատկերները չէին զարդարած մամուլի էջերը: Իսկ հիմա, գրեթէ մոռցուած, ինքզինք դատապարտած է տնարգելութեան:

Ունեցայ այն զգացումը, զոր կ՛ունենամ ամէն անգամ, որ երախտաւորի մը մոռցուած անտէր եւ անծաղիկ գերեզմանին առջեւ կը գտնուիմ: Այսօր կ՛ապրինք եւ կը գործենք այնպէս, որ կարծէք եթէ ոչ մոլորակը, այլ առնուազն հայ կեանքը եւ հայոց պատմութիւնը մեզմով սկսած է, երբ մեր խօսքը կը պճնենք վերջին նորոյթ օտարահունչ եւ օտար բառերով, որոնք կարծէք իմաստութեան բարենիշ կու տան մեզի:

Երբեմն չե՞նք մտածեր, թէ ի՛նչ բանի շարունակութիւն ենք եւ ի՛նչ բանի պիտի ծառայեն մեր թափահարումները եւ թափառումները, եթէ անոնք մեր ինքնութեան ժամանակի նախորդի եւ գալիքի միջեւ ձգուած շղթային մէկ օղակը չեն: Գործնապաշտներուն համար այս մտորումները անհամ խօսքեր են, լուսարձակներու տակ տեղ չունին: Հնհնուքներ են, ժամանակի հետ քայլ չեն պահեր:

Անմիջականի, սելֆի-ի եւ ֆէյսպուք-ի կայծոռիկի մեզ երջանկացնող ակնթարթային (ենթա) յաղթանակները մեզ կը դատարկեն մեր ժառանգութիւններէ նստացուելիք իմաստութենէ: Անցեալի լուսնի խաւարման դէմ պայքարելու թիթեղներու աղմուկը կը փոխարինեն:

Արդէն եզրակացուցած ենք, որ սորվելիք չունինք ո՛չ անհատաբար եւ ո՛չ ալ հաւաքաբար, երբ կծկուելով, ինչպէս կ՛ըսուի, «թիմ» կը դառնանք` սաւանանման վկայականները մեր չունեցած ծովերուն որպէս առագաստ բանալով: Մազ կը մնայ, որ յայտարարենք, թէ մե՛նք գտած ենք Ամերիկան…

Խմբակ-ը կրնայ բացասական տպաւորութիւն թողուլ, իսկ օտար «թիմ»-ը իր նորի պսակով լոյս կրնայ ճառագայթել` անգիտութեան շնորհելով մեր եսերու սրբապատկերին յարմար նկատուող չեղած լուսապսակ:

Այս մտորումներով տարուած էի, երբ յիշեցի ուսանողական օրերէս յիշատակ մնացած իմաստուն խօսք մը.

«Ապերախտութիւնը դուստրն է շահախնդրութեան եւ սնափառութեան, մոլութիւնն է փոքրոգիներու»*:

Այսպէս գրած է ԺԸ. դարու ֆրանսացի իմաստուն մտաւորական եւ գրող Քոնտորսէն, որուն գաղափարները համաժողովրդական արթնութեան ծառայած են` առաջնորդելով յեղափոխութեան:

Այսքան խիտ տարազին մէջ կան հոգիներու մէկական հորիզոն բացող բառեր. ապերախտութիւն, շահախնդրութիւն, մոլութիւն եւ փոքրոգութիւն: Կրնանք այս պարզ խօսքի իւրաքանչիւր բառին շուրջ հոգեբանական եւ իմաստասիրական երկարապատում վերլուծումներ ընել:

Բայց աղմկարարական խօսափողին առջեւ նման շատախօսութիւն ներելի չէ:

Աւելի պարզ եւ անմիջական պիտի չըլլա՞ր միտքեր խտացնող իմաստուն խօսքի իւրաքանչիւր բառը որպէս հայելի բռնել մեր դիմաց եւ գոյութենական ըմբռնում եւ դատում տալ մեր ընտրանքներուն, յանձնառութիւններուն, արարքներուն` որպէս անհատ եւ որպէս «թիմ»:

Այս եսակեդրոն «թիմ»-երը` անգիտացումներու եւ մերժումներու աղբիւսին վրայ ծլող եւ խամրող:

Այցելութեան գացի երախտաւորին, որպէսզի գէթ ինք գիտնայ, որ ապերախտագիտութիւնը ազգային մարզաձեւ չհամարողներ կան…

Այսպէս է հայ կեանքը Հայաստան եւ սփիւռք(ներ)…

Վաղը երբ այդ երախտաւորներէն մէկը կամ միւսը հրաժեշտ տայ կեանքին, անոր մահը այս կամ այն «թիմ»-ի քարոզչութեան ծառայեցնողներ պիտի ըլլան, ոչ անպայման` երախտագիտութեան տուրք տալու համար:

Կրկին յիշեցի հայ բանաստեղծի մը թաղումը, երկու տասնեակ հայերով, հայապահպանման բերդ համարուող քաղաքի մը մէջ:

Այցելութեան գացի վաղեմի ծանօթի մը, մտմտուքներս մէկդի ձգած` իր տան շեմէն ներս դրի ոտքս:

Լսեցի զինք: Այսօր ալ ան իր հաւատքին եւ հարազատութեան հետ է, հոգ չէ թէ բնականօրէն իրեն հետ ըլլալու նորեր եւ հիներ չեն լսեր երախտաւորին սրտի կանչը… Աստ եւ անդ:

Տնարգելութեան ինքզինք դատապարտած երախտաւորը ո՛չ առաջինն է եւ ո՛չ ալ վերջինը պիտի ըլլայ: Համոզուելու համար` կրկին կարդալ Քոնտորսէն.

«Ապերախտութիւնը դուստրն է շահախնդրութեան եւ սնափառութեան, մոլութիւնն է փոքրոգիներու»:

13 յունիս 2018,  Աթէնք

————

* L’ingratitude, fille de l’intérêt et de la vanité, est le vice des petites âmes.
Nicolas de Condorcet; Les pensées et maximes (1794)

Թանգարանի Վերածուած Գիւղին Մէջ Ամէն Ինչ Մնացած Է Այնպէս, Ինչպէս` Կոտորածէն Ժամեր Անց

$
0
0

Այս վայրի պատմութիւնը կ՛ամփոփէ Բ. Համաշխարհային պատերազմի ողբերգական դրուագներէն մէկը: 1944 թուականի յունիս 10-ին ֆրանսական խաղաղ Օրատուր-սիւր-Կլան գիւղին վրայ յարձակեցաւ հիթլերեան «Վաֆֆեն-ԷսԷս» խմբաւորումը, որուն 150 անդամները քանի մը ժամուան ընթացքին կոտորեցին գիւղի 642 բնակիչ` չխնայելով ոեւէ մէկը: Մինչ օրս ալ չկայ անոնց այս քայլին ստոյգ բացատրութիւնը, սակայն կայ վարկած, որ գերմանացիները պարզապէս շփոթած էին գիւղին անունը Օրատուր-սիւր-Վայրես գիւղին անուան հետ: Այս գիւղին մէջ կը  պահուէր մէկ օր առաջ գերի ինկած գերմանացի բարձրաստիճան զինուորականը:

Հետագային աւերուած գիւղին քով կառուցուեցաւ Նոր Օրատուր-սիւր-Կլան գիւղը, իսկ հինը մնաց անձեռնմխելի ու այժմ վերածուած է թանգարանի, ուր ամէն ինչ մնացած է այնպէս, ինչպէս` կոտորածէն ժամեր անց:

 

Հեքիաթագիր Մերի Սահակեան

$
0
0

Մերի Սահակեանի ներկայութիւնը գրական դաշտին մէջ այսօր կարեւոր կը նկատուի: Անոր ստեղծագործելու առիթ հանդիսացած է յորդորը իր դստեր, որուն համար մայրը միշտ հեքիաթներ յօրինած է: Աղջիկը ըսած է. «Մայրի՛կ, ինծի նախորդ օրուան հեքիաթը պատմէ»: Այս մէկը առիթ հանդիսացած է, որ Մերի Սահակեան թուղթին յանձնէ իր յօրինածը, եւ բազմաթիւ ուրիշ մանուկներ վայելեն Մերիի լուսաւոր հեքիաթները:

Մերին ծնած է Երեւան, մանկութեան օրերուն ամառները գացած է Չարդախլու գիւղը: Ան իր հեքիաթներուն բառերն ու տողերը դաշտերէն քաղած է: Բառն ա՛լ, տողն ա՛լ դաշտի ծաղիկներ են: Իրական աշխարհին մէջ շատ բաներու չհասած Մերին, բացը կը լրացնէ հեքիաթներու հերոսներու միջոցով: Հեքիաթներու հերոսներէն իւրաքանչիւրին մէջ իրմէ մաս մը կայ: Անոր համար բախտաւորութիւն է իրական աշխարհէն վեր բարձրանայ եւ երեւակայական աշխարհը ընկալել իր ողջ շքեղութեամբ, բազմազանութեամբ եւ զգայական ընկալումներով: Միայն վերերկրայինը, աննիւթեղէնը կրնայ զինք գոհացնել իրականութան մէջ: Այս աշխարհին մէջն աւելի խօսած է բնութեան հետ, բնութեան հետ կապը շատ աւելի սերտ եղած է: Զրուցած է ծառին հետ, ձեռքին գրիչը երբեմն բարձրախօս թուացած է, իսկ ինքնիրեն կարծած է երգչուհի: Երբեմն զգացած է, որ արքայադուստր է, երբեմն` ծառայ, երբեմն աղքատ: Ոչ միայն հեքիաթով ապրած է, այլեւ ապրած է հեքիաթին մէջ: Ըստ Մերի Սահակեանի, իրենց տան մէջ հեքիաթ պատմող չէ եղած, ինք ատոր կարիքը մեծապէս զգացած է: Նստած ու իրեն համար հեքիաթներ յօրինած է: Յետոյ անդրադարձած է , որ հեքիաթները ուրիշներն ալ հետաքրքրած են: Ըստ իրեն, առանց հեքիաթի չկայ մանկութիւն, առանց մանկութեան ալ, ո՛չ հեքիաթ կայ, ո՛չ ալ կեանք: Հեքիաթը երազի եւ երազելու հետ կապուած երեւոյթ է: Առանց երազելու ապրիլ հնարաւոր չէ: Մարդը կենդանին կը տեսնէ որպէս պատկեր, բայց պատկերէն այն կողմ պատկերացում պէտք է ըլլայ: Կենդանին ալ պատութիւն ունի, ինչպէս մարդը: Թէեւ խօսողը կենդանին չէ, բայց կենդանին խօսեցնելն ալ արուեստ է: Կենդանիներ պատկերելը հեքիաթ չէ, պատկերագիրը հեքիաթագիր չէ: Կենդանիները կերպարներ են, հեքիաթի մէջ գործող կերպարներ, հերոսներ: Կենդանիներն ալ ունին բնաւորութիւն, բնութիւն ունին, կենդանական բնազդ ու հոգի ունին: Անոնք ալ սահման ունին, օրէնքներ, կենդանական փոխյարաբերութիւններ: Հեքիաթը կը զարգացնէ մարդը, մասնաւորապէս երեխային երեւակայութիւնը: Մերիին համար հեքիաթը աշխարհի մէջ աշխարհ է, ուր ինքզինք լաւ կը զգայ: Հեքիաթը կեանք է, եթէ ոչ կեանքն է, պատմութիւն է, պատմուածքի նման բան մը: Հեքիաթը մեծերու համար է, պիտի գրել-պատմել այնպէս, որ երեխաներն ալ իմանան: Հեքիաթի աւարտը գեղեցիկ ըլլալու է: Բոլոր ժողովուրդներու հեքիաթները ոսկէ կանոն ունին, բարին յաղթելու է չարին: Սակայն կեանքը վարդագոյն չէ, երեխաները պէտք է գիտնան, որ երբեմն չարն ալ կը յաղթէ, բայց չարին վերջը լաւ պիտի չըլլայ: Գեղեցիկը Աստուծոյ ստեղծածն է, բնութիւնը: Աղտոտութեան մէջ պտտողը գեղեցիկ բան չի գտներ:

Մերին երջանիկ ստեղծագործող է: Անոր ստեղծագործութիւնները բեմականացուած են երեխաներու խաղերով: Ան ունի ե՛ւ իր ընթերցողը, ե՛ւ ունկնդիրը, ե՛ւ հանդիսատեսը, որոնց շարքերուն մէջ երեխաներու կողքին քիչ չեն նաեւ չափահասները:

Տեսակէտ. Թրքական Ընտրութիւննե՞ր, Թէ՞ Խօսքի Ազատութեան Հանրաքուէ

$
0
0

 

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

24 յունիս 2018-ին տեղի պիտի ունենան թրքական նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները: Այս ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան առաջին անգամ ըլլալով` նոր սահմանադրութեան որդեգրումէն ետք, երբ երկրին կառավարման համակարգը խորհրդարանականէն փոխուեցաւ նախագահականի: Ընտրութիւնները պիտի կատարուին երկու փուլով: Առաջին փուլը 24 յունիսին է, իսկ երկրորդը` 8 յուլիսին: Թուրքիոյ Ազգային ժողովը նոր սահմանադրութեան շնորհիւ պիտի բաղկանայ 600 անդամէ (այժմ 550 անդամ կը հաշուէ):

Ընտրութիւնները  տեղի պիտի ունենան այնպիսի քաղաքական եւ տնտեսական մթնոլորտի մը մէջ, ուր աճած են բռնութիւնները լայնախոհ լրատուամիջոցներու, լրագրողներու, ընդդիմադիր երեսփոխաններու եւ մտաւորականներու նկատմամբ, ուր թրքական լիրային արժէքը նահանջ արձանագրած է, եւ կառավարութեան գլուխ անցած անձերն ու իրենց հարազատները դատապարտուած են յարաբերելու կեղծ ընկերութիւններու հետ, որպէսզի խուսափին հարկային վճարումներէն: Ռազմական միջամտութիւններ տեղի կ՛ունենան Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, առաւել եւս թրքական ուժերու կողմէ գրաւեալ վայրերու մէջ բնակչութեան ցեղային փոփոխութեան փորձեր կը կատարուին: Կրօնամէտ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարութեան ներքեւ Թուրքիան շրջանին մէջ դարձած է կրօնամոլութեան աղբիւր, բայց աւելի վատը այն է, որ այդ կուսակցութիւնը դաշինք կնքած է ազգայնամոլ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հետ: Ի՞նչ տարբերութիւն այսօրուան Էրտողանի եւ 110 տարի առաջուան սուլթան Ապտիւլ Համիտի միջեւ:

Անշուշտ, այնպիսի կացութեան մը հասաւ Թուրքիան, որ նախագահը քննադատողը կը բանտարկուի, այն օրաթերթերը, որոնք կը տպեն քննադատութիւնները, կը փակուին, իսկ այն երեսփոխանները, որոնք կը համարձակին քննել հարցը, կը ձերբակալուին:

Վերը նշուածները ընդհանուր հարցեր են, որոնք ուղղակիօրէն կապ ունին Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն հետ, հետեւաբար կրնանք ըսել, թէ կապ ունին նաեւ Հայ դատին հետ: Թրքական իշխանութիւնները Էրտողանի գլխաւորութեամբ կը շարունակեն ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը զօրակցին Ազրպէյճանին եւ շրջապատած ու փակած են Հայաստանի սահմանը` նախապայման դնելով Արցախը յանձնել Ազրպէյճանին:

Էրտողան կը համագործակցի այնպիսի կուսակցութեան (Ազգայնական շարժում կուսակցութիւն) մը հետ, որ ոճիրներ գործադրած է Արցախի անմեղ բնակչութեան նկատմամբ, իսկ Թուրքիոյ մէջ ցեղապաշտութեան թիւ մէկ հրահրողը եղած է ազգային փոքրամասնութիւններուն դէմ (ներառեալ հայերը):

Հետեւաբար հայութեան կոչս է հետեւիլ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած բոլոր զարգացումներուն եւ զօրակցիլ ազատութեան ու ժողովրդավարութեան հաստատման, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան պակասը նաեւ կ՛ազդէ հայութեան վրայ: Օրինակ, այս տարի ապրիլ 24-ին, Պոլսոյ սուլթան Ահմեթ հրապարակին վրայ արգիլուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը` պաստառներուն վրայ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրի յիշատակման պատճառով: Նաեւ, այդ նոյն եզրը յիշելու պատճառով, երեսփոխան Կարօ Փայլանի դէմ բացուեցաւ հետաքննութիւն` քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածը խախտելու պատճառով:

Վերջ տալու համար այս բոլոր զրպարտութիւններուն, նախ եւ առաջ պէտք է, որ Էրտողանն ու իր նոր օսմանական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պարտուին թէ՛ նախագահական եւ թէ՛ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Էրտողանէն ետք է, որ պիտի ստեղծուի ազատ եւ ժողովրդավար մթնոլորտ մը, ուր բաց եւ ազատ պայմաններու մէջ առիթ պիտի տրուի արծարծելու Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը:

Միայն ժողովրդավարական կարգերու հաստատման ժամանակ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը պիտի քննարկուի բացայայտօրէն` օրաթերթերու, ընկերային ցանցերու եւ համալսարաններու մէջ:

Էրտողանի պարտութիւնը առաջին քայլը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման:Ահա այդ պարտութենէն վերջ է, որ խօսքի, հաւաքի եւ մամուլի ազատութիւնները պիտի կերտուին:

 

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Սթափուե՛նք

$
0
0

Վերջին 15 օրերին Արցախի ներքաղաքական դաշտն ապրեց վայրիվերումներով լի օրեր: Թերեւս, ապրիլից սկսած` Հայաստանի Հանրապետութիւնում տեղի ունեցած իրադարձութիւններից յետոյ ակնյայտ էր, որ հասարակական պահանջի ալիքը կը հասնի նաեւ Արցախ: Սակայն, ըստ ամենայնի, ակնկալիքը իրականութիւն դառնալու ճանապարհին բախուեց անսպասելի արձագանգի:

Արցախում քաղաքական պահանջների դրսեւորումները սկսեցին պարզ կենցաղային վէճի եւ ծեծկռտուքի հետեւանքով: Սակայն մեր քաղաքական համակարգը չկարողացաւ դիմակայել դրան, եւ արագ լուծումներ գտնել ժողովրդի դժգոհութիւնը պետական մակարդակով քննարկելու, լուծումներ առաջարկելու եւ գործնական արդիւնքների հասնելու ուղղութեամբ: Գործնականում ստեղծուեց մի իրավիճակ, երբ ականատես եղանք, որ պետական համապատասխան մարմինները չեն կրում պատասխանատուութեան իրենց չափաբաժինը երկրի կառավարման գործում:

Ականատեսը եղանք, թէ ինչպէս Արցախի Ազգային ժողովում պատգամաւորները խոստովանեցին, որ չեն զբաղւում իրենց առաքելութեամբ, եւ մինչեւ իսկ խոստովանեցին, որ այսքան տարիներ անգործութեան է մատնուել Ազգային ժողովը: Մի ներկայացուցչական ժողով, որը պէտք է դառնայ երկրում գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւնների եւ խնդիրների քննարկման ու լուծումների առաջադրման հարթակ:

Իսկ այս բոլոր երեւոյթները գալիս են ապացուցելու, որ տարիներ շարունակ Դաշնակցութեան կողմից հնչեցուած պետական համակարգում տիրող մտահոգութիւնները առարկայական են: Հարցը վերաբերւում է քաղաքական պատասխանատուութեանն ու կուսակցութիւնների դերի բարձրացմանը:

Դեռեւս 2 տարի առաջ առիթ ունէինք ինչ-որ ձեւով նախադրեալներ ստեղծել Արցախում քաղաքական պատասխանատուութեան գերկեդրոնացուած համակարգի տրոհման համար: Բայց, գործնականում ընդունուեց մի Սահմանադրութիւն, որտեղ աւելի կեդրոնացաւ պատասխանատուութեան հարցը:

Կուսակցութիւնները պէտք է լինեն հասարակութեան մէջ նոյն գաղափարը կրող անհատների համախմբման միաւորումներ, որտեղ պէտք է հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւններն ու խնդիրները ձեւակերպուեն եւ դրանց ուղղութեամբ լուծումներ առաջադրուեն: Իսկ այդ լուծումների իրականացման համար պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն հէնց կուսակցութիւնները, որոնք որպէս իշխանութիւն կամ ընդդիմութիւն ներգրաւուած են պետական համակարգում: Այսպիսով` կուսակցութիւնները դառնում են պետութիւն-հասարակութիւն կապող օղակներ:

Այս գործելաոճը խեղաթիւրուելու կամ ոչ լիարժէք կիրառուելու դէպքում` վաղ թէ ուշ քաղաքական համակարգը դէմ յանդիման է կանգնում անգործունակութեան: Իսկ այդ անգործութիւնը վերջին հաշուով վնասում է թէ՛ պետութեանը, ու թէ երկրի հեղինակութեանը: Իսկ նման դէպքերում հասարակութիւնը գտնում է ելքեր: Համակարգեր են ստեղծւում պետական համակարգից անկախ, որոնք յաւակնում են դառնալ հասարակութեան խօսնակը, խնդիրներ լուծողը եւ «փրկիչը»: Իսկ այդ ոչ պետական համակարգերից պատեհապաշտները ու այլ նպատակներ որոնող անհատները բոլոր թոյլատրելի եւ անթոյլատրելի միջոցներով փորձում են օգուտներ քաղել:

Ստեղծուած կացութիւնը պէտք է սթափեցնի բոլորին: Պետական համակարգը չի կարող այս կամ այն հոսանքի ու խմբաւորման կամայականութեամբ սասանուել: Իսկ այդ սասանումը կարելի է կասեցնել, երբ իւրաքանչիւր մարմին, իւրաքանչիւր քաղաքական միաւոր եւ, ի վերջոյ, իւրաքանչիւր անձ պետութեան հանդէպ զգայ իր պատասխանատուութիւնն ու յանձնառութիւնը:


«Ի՜նչ Անեմ…Հայութիւնն Առկայ Է Իր Ծիներում». Թուրքիայի Համշէնահայ Պլոկըրի Անդրադարձը` ՏՆԹ Քննութիւններին Եւ Իր Հայկական Արմատներին

$
0
0

Akunq.net-ը թուրքերէնից թարգմանաբար եւ առանց կրճատումների ներկայացնում է ծագումով Թուրքիայի Ռիզէ նահանգից համշէնահայ պլոկըր Տենիզ Պուրճայի հրապարակումը` համշէնահայերի հայկական արմատների վերաբերեալ:

ՏԵՆԻԶ ՊՈՒՐՃԱՅ

«Իրականում վերնագիրն այդ կերպ գրեցի, որպէսզի մի փոքր էլ խայթող լինի, եւ որպէսզի ամէն մի գործողութեանս դէպքում, համշէնցի լինելուս պատճառով, իմ արածների դէմ «կ՛անի, բա հայ չի՞» ասողներին հետեւեալ պատասխանը տամ. «այո՛, ի՜նչ անեմ… ծիներիս մէջ կայ»:

Հայութիւնը որպէս հայրենիքի դաւաճանութիւն համարողները եւ դա որպէս վիրաւորանք օգտագործողները թող իմանան, որ ես անձամբ այն երբեք վիրաւորանք չեմ ընկալել: Եւ քանի որ մեր հայկական արմատների մասին իմանալուց առաջ էլ ոչ մի ատելութիւն չեմ տածել որեւէ ցեղի հանդէպ, հետեւեալ կերպ եմ արձագանգել. «Յետոյ ի՞նչ: Ի՞նչ է եղել, որ հայ եմ»:

Նախ նշեմ, որ սոյն յօդուածս համշէնական ՏՆԹ-ին մօտենալու է ոչ թէ գիտական, այլ` տրամաբանական ձեւով: Եթէ գիտական ուսումնասիրութիւն էք որոնում, ապա արդէն իսկ համացանցում բազմաթիւ աղբիւրներ կարող էք գտնել: Ես անձամբ ընտանիքիս (հօրական կողմից) ՏՆԹ-ին տրամաբանական կերպով մօտենալով` ցանկացայ ձեզ հետ կիսուել իմ այս մտորումներով:

Ես ո՛չ ցեղապաշտ եմ, ո՛չ էլ ՏՆԹ-ի նման գիտական ուսումնասիրութիւններն եմ ցեղապաշտութիւն համարում: Համայնավարական շրջանակները կտրականապէս դէմ են ՏՆԹ քննութիւններին, սակայն չեմ կարծում, թէ համայնավարութիւնը հանդէս է գալիս գիտութեան դէմ: Նմանապէս յարգանք եմ տածում այն անձանց նկատմամբ, ովքեր սոյն հարցին մօտենում են «ինձ համար կարեւոր չէ, թէ ով եմ» տրամաբանութեամբ: Սակայն լաւ կը լինի, եթէ ինձ յարգանքով մօտենան նաեւ նրանք, ովքեր ասում են, թէ` «ՏՆԹ-ն ոչ մի բան չի կարող ապացուցել, թո՛ղ այդ հարցերը»: Գիտական առումով, այո՛, ՏՆԹ-ն չի կարող ապացոյց լինել, քանի որ ՏՆԹ քննութեան մէջ էական է, թէ որքան ես յետ գնում: Եթէ 8000 տարով յետ գնանք, արդէն իսկ բազմաթիւ ցեղեր նոյն ՏՆԹ-ն կ՛ունենան: Այդ պատճառով ես ձեզ հետ կիսուելու եմ ներկայիս եւ ոչ հեռաւոր անցեալի հետ կապուած քննութիւնների արդիւնքներով:

Քննութեան կառուցուածքը բաւականին դիւրին է: Մուտք գործելով «Familytreedna.com» հասցէն` քննութիւն էք պատուիրում: Արդէն իսկ տուեալ կայքէջում մանրամասն կերպով ներկայացուած է, թէ ինչպէս պէտք է ձեր բերանից նմուշ վերցնելով` ուղարկէք այն:

Ես չեմ ցանկանում քննութեան արդիւնքների թուային տուեալները հրապարակել: Որպէս Y-ՏՆԹ-ի հապլոխումբ երեւում է G-M201-ը: Համառօտ ակնարկով անդրադառնանք այդ հապլոխմբի վերաբերեալ համացանցում առկայ մանրամասներին եւ այդ ՏՆԹ-ն ունեցող գերդաստանների կապերին:

Այդ ՏՆԹ խմբի մէջ ընդգրկուած գրեթէ բոլոր մարդիկ համշէնահայ են, արտագաղթած կամ դեռ մեր շրջաններում ապրող Խոփայի եւ Ռիզէի համշէնցիները:

Նրանց ազգանունները թաքցնելու նկատառմամբ չեմ ցանկանում ազգանունների ցանկը հրապարակել.

Կարծում եմ` վերոյիշեալ ցանկը բաւարար կը լինի վերլուծութեան համար: Երբ անդրադառնում ենք G հապլոխմբի մէջ ընդգրկուած անձանց, տեսնում ենք, որ նրանք բոլորն էլ կամ Համշէնի, կամ էլ Անատոլիայի հայեր են: Կարմիրով նշուած` ինձ պատկանող համարի արդիւնքներն են (Ռիզէ/Փազար/Խաչափիթ), իսկ կապոյտով նշուածները` այլ` G-M201 ծինի պատկանող եւ այդ քննութիւնը պատուիրած անձանց:

Այս ցանկին նայելիս հանդիպեցի՞ք արդեօք որեւէ միջինասիական թուրքի: Ես ցանկում տեսնում եմ ոչ թէ Ասլանպէյ կամ Թիմպիրլենք տիպի, այլ` միայն հայկական անուններ: Այսինքն, երբ ազգակցական կապի առումով ենք անդրադառնում, դրանք բոլորն են համշէնական կամ հայկական են դուրս գալիս: Ուշագրաւ է, այնպէս չէ՞, որ համշէնցիներն ընդհանուր ՏՆԹ ունեն ոչ թէ միջինասիական թուրքերի, այլ` հայկական ծիներ կրողների հետ: Ոմանք անընդհատ ասում են, թէ «Մենք հայերէնը հայերից ենք սովորել, բայց հայերն այս վայրերից հեռացել են. մենք որեւէ կապ չունենք նրանց հետ»: Լա՛ւ, ընդունենք` իբր հայոց լեզուն հայերից ենք սովորել, սակայն մի՞թէ հայերը հեռանալիս մեր ծիներում թողել են նաեւ հայկական ծիներ: Իմ ՏՆԹ քննութեան մէջ այդ ինչպէ՞ս է պատահում, որ ես Աբխազիայի կամ Ռուսաստանի միւս համշէնցի հայերի հետ ազգական եմ դուրս գալիս: Կամ Իսպիրից (Սպեր, «Ակունք»-ի խմբ.) գաղթած հայերի հետ եմ ազգական դուրս գալիս: Ի դէպ, արդէն իսկ յայտնի փաստ է, որ Իսպիրը համշէնցիներով է բնակեցուած եղել:

«G հապլոխումբ» նախագծի անուան տակ հրապարակուած https://sites.google.com/site/haplogroupgproject/g-m201 կայքում թարգմանաբար հետեւեալն է նշուած G-M201-ի մասին. «Յայտնի է, որ G հապլոխմբի` աշխարհում եղած կեդրոնը գտնւում է հարաւարեւմտեան Ասիայում, եւ որ այդ խմբին պատկանող մարդիկ մինչ այս պահը միշտ ունեցել են հայկական ծագում»:

Ներքոյիշեալ պլոկում ներկայացուած է 3 հայկական ՏՆԹ: Սոյն ցանկում, չգիտես` թէ ինչո՛ւ, 3 հապլոխմբից մէկը` G-ն, տիպիկ համշէնական ՏՆԹ է:

Կայքէջում, ընդհանուր առմամբ, գրուած է հետեւեալը.

3) G2

«Գ հապլոխումբը բնութագրւում է որպէս M201-ի մուտացիա, որն ունեցած` գիտութեանը յայտնի առաջին մարդն ապրել է 30 հազար տարի առաջ (1200 սերունդ), ամենայն հաւանականութեամբ` Կովկասեան լեռնաշղթայի, Վանայ լճի կողմերում»:

«Այդ հապլոխմբի մայր հայրենիքը, ենթադրաբար, եղել է արեւելեան Անատոլիան, Հայաստանը եւ արեւելեան Իրանը»:

«Մեր ենթադրութիւններով, Գ հապլոխմբի աշխարհագրական տարածքը գտնւում է Արեւելեան Անատոլիայում, Հայաստանում կամ արեւելեան Իրանում»:

Ամենայն հաւանականութեամբ, ինձ վրայ յարձակումներ կը լինեն` այս ամէնը հրապարակելուս պատճառով: Համայնավար համշէնցիները կ՛ասեն` «Ի՞նչ կարիք կար»: Եթէ որոշ հայեր կ՛ուրախանան, հայերի մի մասն էլ կասի` «ՏՆԹ-ն ոչ մի բան չի ապացուցում», իսկ իրենց թուրք լինելը պնդող համշէնցիներն ու ազգայնամոլ հատուածն ինձ հայհոյելով` «հայրենիքի դաւաճան» կը հռչակի:

Այո՛, ՏՆԹ-ն թերեւս որեւէ բան չի ապացուցում, սակայն առնուազն հարկ է շեշտել, որ երբ անդրադառնում ենք մեր ազգակցական կապերին, տեսնում ենք, որ թուրքական ծագմամբ մէկն իսկ չի հանդիպում, եւ մեր ազգականներից գրեթէ բոլորը հայկական արմատներ ունեն: Արդէն ձեր գործն է` դա որպէս ապացոյց ընդունե՞լ, թէ՞ ոչ:

Ինչպէս գիտական առումով ասացի, մեր հայկական կապերը կարող են փոխուել` ըստ այն բանի, թէ որքա՛ն ենք յետ գնում: Սակայն ներկայ պահին G հապլոխումբ ունեցող մեր գրեթէ բոլոր ազգականները հայկական ծագում ունեն:

Չի կարող պատահական լինել այն փաստերը, որ հայերէն ենք խօսում (անցեալում կամ մեզնից ոմանք` նաեւ ներկայում), եւ որ հայերի հետ նոյն ծիներն ենք կրում: «Հայերը գնացել են, մենք ենք եկել» թեզն էլ լիովին կորցնում է իր հիմնաւորումը այս ՏՆԹ քննութեան շնորհիւ: Եթէ մենք հայ չենք, այդ ինչպէ՞ս է պատահում, որ հեռացած հայերի հետ ազգական ենք դուրս գալիս:

Դժուար է իրականութիւնն ընդունել: Եթէ անգամ ամէն տեսակի ճանապարհով էլ ապացուցուի, միեւնոյնն է, դեռ կը յայտնուեն մարդիկ, ովքեր կ՛ասեն` «Մենք հայ չենք, թուրքական ծագում ունենք»: Կամ կը հանդիպեն ձախակողմեան հայեացքներ ունեցողներ, ովքեր յամառօրէն կը վիճեն ինձ հետ, թէ` «Ցեղը նշանակութիւն չունի: Մեզ իրար դէմ մի՛ հանիր»:

Իւրաքանչիւր ոք ազատ է իր իմացածով կիսուելու հարցում: Ես էլ իմ անձնական պլոկում հրապարակում եմ իմ տեղեկութիւնները:

Այս հրապարակումիցս յետոյ թերեւս առաջինը հէնց մօտ ազգականներիցս բացասական արձագանգ ստանամ: Կարող էի տարիներով դա թաքցնել, բայց ցանկացայ իմ ներդրումն ունենալ վերջերս հրապարակուած անհիմն պնդումները ժխտելու գործում:

Թող որ այս ցանկը եւ մեզ հետ նոյն ՏՆԹ-ն ունեցող հայերը մտնեն այն բոլոր կոյրերի աչքը, ովքեր չնայած համացանցի զարգացմանը եւ դրա` բոլորին հասանելի լինելուն` ուսումնասիրելու փոխարէն հաւատում են կամ նախընտրում են հաւատալ 100-ամեայ ստերին:

Վերոյիշեալ ցանկից բացի` իմ 3 մօտ ազգականներից 2-ը հայ են եւ հայկական ազգանուն են կրում, իսկ մէկը Ռիզէի համշէնցիներից է:

Իմ սիրելի համշէնցի՛ եղբայրներ, ցաւում եմ, որ մեր ազգականները խըրխըզական գիւղերից չեն ծագում:

Խնդրում եմ, բացե՛ք ձեր աչքերը եւ օգտագործե՛ք ձեր ուղեղները:

Յարգանքներով` ՏԵՆԻԶ ՊՈՒՐՃԱՅ

https://denizburcay.wordpress.com/2018/05/07/ne-yapayim-ermenilik-genlerimde-var/

Թարգմանեց ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆԸ

«Ակունք»

Հանդիպում` Հայրենիքի Մէջ

$
0
0

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Անուշ, մեղմ ու քաղցրահունչ հին մեղեդին որքա՜ն հաճելի կը թուի լսողութեան, որքա՜ն հարազատ ու անկրկնելի կախարդանք մը կը կրէ ան իր հնչիւններուն մէջ, հինն ու նորը շաղախող կարողութիւն մըն է նաեւ իր մէջ կուտակ-կուտակ պահուած, երբեք չհինցող, միշտ նորոգուող բարեկամութեան մը պէս: Վերացած մտիկ կ’ընես, բան մը անպայման կը վերապրիս անոր հետ:

Նոյն ապրումները կ՛ունենաս, երբ հին ու նոր հարազատներով շրջապատուիս, երբ անակնկալ հանդիպումներ տեղի ունենան անզուգական ու անմոռանալի հարազատներու հետ: Հարազատներ, որոնց երբեք չես տեսած, միայն հնչիւններով տեղեկութիւններ փոխանցուած են քեզի առիթով մը, երբ հինէն խօսքեր կ’ըլլային:

Հիները, մեր նախորդները, որոնց շառաւիղն ենք մենք, որոնցմէ ժառանգած ենք սովորութիւն, նիստ ու կաց, մտածելակերպ, ինչու չէ նաեւ մեր արտաքին երեւոյթէն մասեր` աչք, հասակ, գէրութիւն, նիհարութիւն…:

Չտեսնուած, բայց հարազատ մարդիկ: Հարազատ, այո՛, քանի երբ առիթը ներկայանայ ու հանդիպիս անոնց, անոնցմէ մասնիկ մը կը զգաս դուն քեզ, պաստառին մէկ գիծը թերեւս, առանց որուն չ՛ամբողջանար պաստառը, կամ` ընտանեկան ծառին մէկ ճիւղէն կախուած պտուղ մը: Ճիւղերը բազմաթիւ, բայց մէկ ծառ, որուն արմատները սնուելով նոյն հողէն ու ջուրէն հասակ նետած են, եւ ճիւղերը երկարած, գացած են հեռու, շա՜տ հեռու, գաղթական հայու նման սփռուած աշխարհի ծագերը:

Սակայն կայ մանկութիւն մը` բոլորին հոգիներուն ու սրտերուն մէկ անկիւնը պահուած, թաքուն մանկութիւն մը, որ ահա ժպիտով դուրս կը ժայթքէ, ճեղքելով յոգնած, տքնանքէն, կեանքի մաքառումներէն կնճռոտած դէմքերը ու շրթները կը բանայ անոնց, աչքերը կը փայլեցնէ, կը վերածէ զանոնք քառասուն տարի առաջուան մանուկներուն: Հոգիները կը մանկանան անոնց տարիքը առած մարմիններուն, կը մոռնան պահ մը քառասուն տարուան վազվզուքը, կեանքի դժուար պահերը եւ կը խաղան անոնք հայրենի կանաչ լեռներուն ու ձորերուն վրայ, վերակենդանացնելով ատենի գիւղերուն դաշտերը: Անոնք մերթ` Արաբ Բունար են, Պզպզ ջուրին մէջ ոտքերը թրջելու համար բոպիկցած, մերթ` Ճարապլուս են, ուր ծառերուն ճիւղերուն կը մագլցէին արագութեան մրցումներ կազմակերպելով, մերթ` Եագուպիէ են, ուր իշուկներու վրայ նստած սրբավայր կ՛ուղղուէին, մերթ` Պէյրութ են Պուրճ Համուտի թաղերուն վրայ յոխորտացող պատանիներ…:

Զարմիկներ են անոնք, մեծ մանուկներ հիմա, ու հայրենի օդին ու ջուրին հետ կու գան մեռելները իրենց ժպիտներով, զուարթախոհութեամբ ու ուրախ գործերով` «Հա, հա, հա, լուսահոգի հայրիկդ առաջին հեռատեսիլ բերողն էր մեր գիւղը: Արաբ երգչուհի` Սէմիրա Թաուֆիքին աչք ընելը տեսած, անոր համար հեռատեսիլը քաղաքէն շալկած, բերած էր ու խեղճ մարդը կայանները կը դարձնէր հա կը դարձնէր, որ երգչուհին աչք ընէ իրեն…», քահ քահներով կը վերապրին անոնք:

Նորերը հիներուն խառնուած կը վայելեն այս ակնթարթները, բայց ապրումներուն հետ սերմեր կը ցանուին անոնց մէջ. հին յուշերուն հետ բարի հունտեր կը հոսին անոնց ներսը, որոնք տեղ մը, ծիլ մը պիտի արձակեն ու բարիք բաշխեն չորս դին:

Երիտասարդները կը ժպտին իրենց հօր կամ մօր վարուելակերպին մէջ նոր բաներ տեսնելով, անոնց ուրախ զրոյցներուն ունկ դնելով: Կիներ կամ ամուսիններ շշմած կը հետեւին իրենց կեանքի ընկերոջ դէմքին նոր զուարթ գիծեր տեսնելով, կը ծանօթանան անոնք նոր սովորութիւններու, մեծ ընտանիքէ մը սերած նորութիւններու, զորս թերեւս անգամ մը եւս ականատես ըլլալու յոյսը շատ չնչին է:

Մինչ ես` նորերու շարքին դասուածս, դիտող մըն եմ պարզապէս եւ մօրս ներկայացուցիչը իր զարմիկներուն մէջ, որոնք մանկացած մայրս կը տեսնեն երբեմն փոխարէնս: Ես` հարստացած հարազատներու գոյութեամբ կ՛ըմբոշխնեմ իւրաքանչիւր ակնթարթ եւ կը ճանչնամ մանուկ մայրս եւ իր զարմիկները:

Պայուսակներուն մէջէն թօթափած հին կարօտները, անոնք կը ծրարեն այս անգամ նորերը շողշողուն յուշերու հետ, որոնք երկա՜ր ատեն պիտի պատմուին ու ժպիտներ պիտի գծեն անհոգի հաղորդակցութեանց ընթացքին:

 

 

 

 

Մամուլի Ասուլիս. Հայաստանի Եւ Եւրոմիութեան Միջեւ Գործընկերութեան Խորհրդի Անդրանիկ Նիստի Արդիւնքներով Համատեղ Մամուլի Յայտարարութիւն

$
0
0

2018թ. յունիսի 21-ին Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը գումարեցին գործընկերութեան խորհրդի անդրանիկ նիստը` 2017թ. նոյեմբերի 24-ին ստորագրուած եւ միջանկեալ կիրառման մէջ մտած 2018թ. յունիսի 1-ին ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի (ՀԸԳՀ) շրջանակներում: Խորհուրդը ՀԸԳՀ շրջանակներում ստեղծուած բարձրագոյն մարմին է, որը կոչուած է վերահսկելու Համաձայնագրի իրականացումը եւ քննարկելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: Հայաստանը եւ Եւրոմիութիւնը իրենց պատրաստակամութիւնն են յայտնել ընդլայնելու եւ խորացնելու համագործակցութիւնն այս նոր իրաւական փաստաթղթի, Արեւելեան գործընկերութեան եւ վերանայուած Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան շրջանակներում:

Գործընկերութեան խորհուրդը ողջունեց Հայաստանում վերջերս տեղի ունեցած բողոքների խաղաղ բնոյթը, որոնք յանգեցրին Սահմանադրութեան շրջանակներում կառավարութեան ժողովրդավարական փոփոխութեանը: Եւրոմիութիւնը բարձր գնահատեց բոլոր կողմերի ցուցաբերած ընդհանուր զսպուածութիւնը եւ կոչ արեց քաղաքական շահագրգիռ ուժերին, այդ թուում նաեւ քաղաքացիական հասարակութեանը, շարունակական եւ ներառական երկխօսութեան: Եւրամիութիւնը ողջունեց Հայաստանի կառավարութեան յստակ յանձնառութիւնը պայքարել փտածութեան դէմ եւ այս ուղղութեամբ կառավարութեան ձեռնարկած յստակ գործողութիւնները: ԵՄ-ը վերահաստատեց իր աջակցութիւնը բարեփոխումներին, այդ թուում թեքնիք եւ ֆինանսական օժանդակութեան տեսքով, ուղղուած ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան, մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան ամրապնդմանը, Հայաստանում բարեկեցութեան եւ ընկերային-տնտեսական աճի աւելացմանը:

Գործընկերութեան խորհուրդը ընդգծեց Հայաստանի ընտրական օրէնսգրքում փոփոխութիւններ կատարելու կարեւորութիւնը` համահունչ ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւնների եւ մարդու իրաւունքների գրասենեակի առաջարկութիւններին` ընտրական գործընթացի նկատմամբ վստահութեան ամրապնդման համար: ԵՄ-ը պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցել Հայաստանին նոր ընտրութիւնների կազմակերպման եւ դիտարկման հարցում: Գործընկերութեան խորհուրդը նաեւ շեշտեց, որ արդիւնաւէտ եւ անկախ դատական համակարգը կարեւոր է օրէնքի գերակայութեան համար եւ արժէքաւոր նախապայման` տնտեսական եւ ընկերային զարգացման համար: Խորհուրդը նաեւ մատնանշեց նոր քրէական օրէնսգրքի եւ նոր քրէական դատավարութեան օրէնսգրքի մշակման արագ առաջընթացի անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծեց հակափտածութեան բնագաւառում համապարփակ օրէնսդրութեան կարեւորութիւնը:

Ի յաւելումն, Գործընկերութեան խորհուրդն ընդգծեց շարունակական ջանքերի միջոցով առեւտրի ոլորտում Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի դրոյթների հետագայ կատարման անհրաժեշտութիւնը` Հայաստանում կայուն, գործարարութեան զարգացման համար բարենպաստ եւ կանխատեսելի առեւտրային միջավայրի ապահովման համար, այդ թուում աշխարհագրական տեղանունների պաշտպանութեան վերաբերեալ դրոյթների լիարժէք եւ ժամանակին իրականացումը: Գործընկերութեան խորհուրդն ընդգծեց նաեւ հարկային ոլորտում լաւ կառավարման կարեւորութիւնը` ըստ գործարարութեան հարկման ոլորտում բարեվարքութեան կանոնների:

Ուժանիւթի ոլորտում Գործընկերութեան խորհուրդը մատնանշեց ուժանիւթային անվտանգութեան, ուժանիւթի խնայողութեան, վերականգնուող ուժանիւթի եւ միջուկային անվտանգութեան կարեւորութիւնը` ըստ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի եւ 2018թ. փետրուարի 21-ին ստորագրուած Հայաստան-եւրամիութիւն գործընկերութեան առաջնահերթութիւնների:

Փոխադրութեան ոլորտում Գործընկերութեան խորհուրդն ակնկալում է 2017թ. նոյեմբերի 24-ին նախաստորագրուած Հայաստան-Եւրոմիութուն համապարփակ օդային փոխադրամիջոցների մասին համաձայնագրի ստորագրում, ինչը կը բարելաւի շուկայի հասանելիութիւնը եւ կը նպաստի անվտանգութեան, բնապահպանութեան եւ ընկերային առաւելագոյն չափանիշների ապահովմանը: Աւելին, բոլոր չափանիշների բաւարարման դէպքում Հայաստանը պատրաստակամութիւն է յայտնել սկսել Մուտքի արտօնագրերի ազատականացման երկխօսութիւնը:

Գործընկերութեան խորհուրդը վկայակոչեց, որ Հայաստան-Եւրոմիութիւն Գործընկերութեան առաջնահերթութիւնները կը ձեւաւորեն Հայաստանին ԵՄ աջակցութեան գերակայութիւնները: Աւելի քան 160 մլն եւրօ է յատկացւում 2017-2021 թուականների համար: Գործընկերութեան խորհուրդը ընդգծեց այդ պաշարների առաւելագոյնս օգտագործման անհրաժեշտութիւնը` աջակցելու Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի իրականացմանը եւ քաղաքացիների կենսապայմանների տեսանելի եւ շօշափելի բարելաւմանը:

Գործընկերութեան խորհուրդը ի գիտութիւն ընդունեց Հայաստանի վերաբերեալ յունիսի 6-ին հրապարակուած Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան երկրների զեկոյցը եւ կարեւորեց 2017 թուականի մայիսին Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան խորհրդից ի վեր ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններում արձանագրուած առաջընթացը: Գործընկերութեան խորհուրդը որոշեց, որ Հետագայ զեկոյցները կը վերնագրուեն «գործընկերութեան զեկոյցներ»` կեդրոնանալով Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի իրականացման վրայ:

Ի լրումն ՀԸԳՀ շրջանակներում երկկողմ յարաբերութիւններին` Գործընկերութեան խորհուրդն ընդգծեց Հայաստանի աշխուժ մասնակցութիւնն Արեւելեան գործընկերութեանը` որպէս համընդգրկուն բազմակողմ ձեւաչափի: Հայաստանը հաստատեց իր յանձնառութիւնը կարեւոր, հետեւողական եւ կառուցողական դեր խաղալու Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներում: Հայաստանը եւ Եւրոմիութիւնը երկուստեք ընդգծեցին Արեւելեան գործընկերութեան «2020 արդիւնքներին» հասնելու կարեւորութիւնը: ԵՄ-ն ընդգծեց իր պատրաստակամութիւնը քննարկելու Արեւելեան գործընկերութեան ներքոյ յատուկ ոլորտներում համագործակցութեան զարգացմանն ուղղուած յստակ առաջարկներ:

ԵՄ-ն վերահաստատեց իր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների ջանքերին` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանը:

Այնուհետեւ, Գործընկերութեան խորհուրդն ընդգծեց, որ Սիրիայում հակամարտութեան տեւական եւ վստահելի քաղաքական հանգուցալուծման հասնելը բացառիկ կարեւորութիւն է ներկայացնում: Սիրիայի փախստականներին Հայաստանում համարկելու նպատակով Եւրոմիութիւնը «Մատատ» հիմնադրամի շրջանակներում կեդրոնացրել է 3 միլիոն եւրօ:

Եւրամիութիւնը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը աջակցելու Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորմանը եւ յորդորեց կողմերին ներգրաւուել այս գործընթացի մէջ առանց որեւէ նախապայմանի:

Կողմերը հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը Իրանի վերաբերեալ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնների հանդէպ:

Խորհուրդը նախագահում էր ԵՄ արտաքին յարաբերութիւնների եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին, հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավարն էր արտաքին գործերի նախարար Զոհրապ Մնացականեանը:

 

Բարձրացի՛ր…Բարձրացո՛ւր

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ամէն կիրակի առաւօտ, մեր թաղեցի տղոց հետ` գայլիկութեան կանաչ շապիկները հագած, քալելով կ՛ուղղուէինք Ազատամարտ ակումբ, որ մեր թաղէն բաւական հեռու կը գտնուէր:

Տարազներով մեր խմբովին քալելը, օտարանցորդներու ուշադրութիւնը կը գրաւէր: Տողանցքի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր, մանաւանդ որ երբեմն խմբովին կ՛երգէինք գայլիկութեան մեր սորված երգերէն:

«Մոկլին օր մը կ՛արշաւէր, տեսաւ շատ շուներ»:

Հաճելի արշաւներու կը տանէին մեզ, իսկ տարին անգամ մը տեղի կ՛ունենար ՀՄԸՄ-ի ընդհանուր բանակումը:

Հաճոյքի կողքին կար նաեւ դաստիարակչական բաժինը,երբ մեզի կը սորվեցնէին գործադրելուՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի՛ր… Բարձրացո՛ւր» նշանաբանը:

Երկու այնքա՜ն իմաստալից բառեր, զորս տիպար ՀՄԸՄ-ական մը պարտի գործադրել:

Բարձրանալ եւ բարձրացնել ուրիշը:

Ամէն տարի, Սուրբ Զատկուան շրջանին, շաբթուան մը համար, կը մեկնէինք Հալէպ` մասնակցելու «Նաւասարդեան» մարզախաղերուն, իսկ վերջին օրը տողանցքով մը կ՛աւարտէր անմոռանալի շաբթուան մը հանդիսութիւնները:

Հալէպահայութեան փառքի տարիներն էին: Հալէպը կ՛եռար:

Մեզ փոխադրող պասերը տակաւին ՀՄԸՄ-ի ակումբ չհասած, խուռներամ բազմութիւն մը կը սպասէր: Եկած էին, իրարմէ «գողնալու» գայլիկ մը կամ արենուշ մը, եւ շաբթուան մը համար տանելու իրենց տուները: Պանդոկներու մէ՞ջ զետեղել Պէյրութէն ժամանած ՀՄԸՄ-ականները: Հիւրասէր hալէպահայուն համար ամենամեծ ամօթ էր այդ մէկը:

Մանկութեանս երկչոտ եղած եմ (քիչ մըն ալ լալկան): Ծնողքս նախապէս այնպէս մը կը դասաւորէր, որ Նոր Գիւղ բնակող մեզի ծանօթ ընտանիքի մը մօտ մնայի այդ շաբաթ: Երկուքիս ընտանիքները իրարու մօտիկ էին: Ազգականներս կը կարծէի: Հաւանաբար հօրս կամ մօրս հայրենակիցներն էին, սակայն այդ տարիքին հայրենակից կամ խնամի մեզի համար ազգականի համազօր էր:

* * *

Գայլիկութեան տարիներս դժբախտաբար շատ երկար չտեւեցին: Փոխադրուեցանք հայահոծ Պուրճ Համուտ: Ծնողքիս պարտադրանքով, հոն եւս արձանագրուեցայ գայլիկ, սակայն երկչոտ բնաւորութեանս պատճառով չվարժուեցայ մթնոլորտին: Նախապէս թաղեցիներով բոլորս միասին էինք, ներկայիս` շուրջս բոլորը անծանօթ դէմքեր են:

Քանի մը շաբաթ մնայուն բացակայութիւնս պատճառ դարձաւ, որ ինքնաբերաբար հեռանամ ՀՄԸՄ-ի շարքերէն:

Տարիները անցան: Պատանեկութեան տարիներս են: Մանկութեանս երկչոտ բնաւորութեանս հակապատկերը դարձած եմ: Ընկերներուս հետ շուտ կը շաղուիմ: Կը սիրեմ ու կը յարգեմ բոլորը: Նաեւ սիրուած ու յարգուած եմ ամէնքէն:

Մաս կը կազմեմ Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի երկրորդական խումբերէն մէկուն: «Կամք» էր մեր խումբի անունը, որուն անդամներուն մեծամասնութիւնը դասընկերներս էին, իսկ քանի մը հատը, մեր թաղի տղոցմէ:

Միջակ կարողութեամբ խաղացող էի: Շատ արագ կը վազէի, բայց շուտ կը յոգնէի:

Մեր մարզիչը նկատած էր այդ մէկը: Յանձնարարեց,  որ մաս կազմեմ ՀՄԸՄ-ի «աթլէթիզմի» խումբին` որպէս 100 կամ 200 մեթր երկարութեամբ վազող:

Այդպէս ալ ըրի:

Ամէն կիրակի առաւօտ կը հաւաքուէինք Սարդարապատ ակումբին առջեւ, ուրկէ պասերով մեզ կը տանէին «Քամիլ Շամուն» մարզաւանը, կատարելու մեր փորձերը:

Իբրեւ պասքեթպոլի մարդիկ միջակ խաղացող մըն էի, սակայն իբրեւ վազող, կրնամ վստահեցնել, որ բաւական լաւ արդիւնքներ տուած եմ:

Տարի մը Հալէպի փոխարէն պիտի մեկնէինք Գահիրէ, ուր տեղի պիտի ունենային մարզախաղեր: Ընտրեցին լաւագոյն մարզիկները, որոնց ցանկին մէջ էր անունս: Անձնաթուղթս յանձնեցի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան, որպէսզի պէտք եղած թուղթի գործերը կատարեն, եւ շաբաթէ մը մեկնինք բուրգերու քաղաքը: Ուրախ էի, որ անձամբ պիտի տեսնեմ պատմութեան մէջ մեր սորված եգիպտական փառաւոններու պալատներն ու բուրգերը: Մրցումներէն աւելի պատմական վայրերով ոգեւորուած էի, սակայն մեր մեկնումի թուականէն քանի մը օր առաջ աջ ոտքիս բթամատը,  չես գիտեր ինչպէս, բորբոքեցաւ: Նոյնիսկ կօշիկ չէի կրնար հագնիլ, եւ այսպէսով մեկնումի երազներս  ցնդեցան օդին մէջ:

Տարիներ ետք, երիտասարդութեանս տարիներուն, դարձեալ քանի մը անգամ առիթը ներկայացաւ այցելելու Եգիպտոս, որպէս երաժիշտ, սակայն ամէն անգամ ալ, տարբեր պատճառներով չկրցայ մեկնիլ եւ վայելել հնութիւններով լեցուն այդ քաղաքը: Քաղաք մը, որ Ցեղասպանութենէն ետք երկար տարիներ եղած է սփիւռքի ամենաբեղունը: Ունեցած ենք հայ մշակոյթ, հայ մամուլ եւ գրագէտներ, յայտնի կուսակցական գործիչներ: Հոն է, որ հիմնուած է Համազգային մշակութային միութիւնը: ՀՄԸՄ-ը հոն ունեցած է բազմաթիւ մասնաճիւղեր:

* * *

Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ը տարեկից են: 100 տարեկան:

1918-ի անկախութիւնը դժբախտաբար երկար կեանք չունեցաւ, սակայն սփիւռքի մէջ ծնունդ առած ու հասակ առած ՀՄԸՄ-ը մնաց մի՛շտ ներկայութիւն: Բազմացան իր շարքերն ու մասնաճիւղերը: Տարիքի  յառաջացումը աւելի երիտասարդացուց ՀՄԸՄ-ը, իսկ երբ 1991-ին վերանկախացաւ մեր հայրենիքը, ՀՄԸՄ մուտք գործեց նաեւ մայր հող:

Իրարու յաջորդեցին Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներու քաղաքացիական պատերազմները: Մեծ թիւով հայեր ակամայ գաղթեցին արեւմտեան երկիրներ: Գաղթեցին, սակայն մնացին կառչած ՀՄԸՄ-ին: Արեւմտեան երկիրներու մէջ  ծնունդ առին ՀՄԸՄ-ի նոր մասնաճիւղեր: Բազմացան իր շարքերը:

Ես ալ իմ կարգիս, չդիմանալով Լիբանանի աւերիչ ռումբերուն, գաղթեցի Լոս Անճելըս, որ ներկայիս դարձած է սփիւռքի հայկական մեծագոյն գաղութներէն մին:

Ամէն տարի, Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնի, յուլիս 4-ի շաբաթը, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ-ի շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Նաւասարդեան» շաբաթը, որ այնքա՜ն կը յիշեցնէ Հալէպի այդ երանելի օրերը, երբ բազմահարիւր ՀՄԸՄ-ական գայլիկներ, արենուշներ ու մարզիկներ կը հասնէինք ՀՄԸՄ-ի ակումբը:

Իրենց տան մէջ ՀՄԸՄ-ական հիւր մը ունեցողներուն դրացիները «աչքի լոյս»-ի կու գային, այնպէս, ինչպէս երբ ընտանիք մը բախտաւորուէր նորածին զաւակով մը:

Քալիֆորնիոյ տարբեր վայրերէն Լոս Անճելըս կը ժամանեն մեծ թիւով ՀՄԸՄ-ականներ, սակայն ո՛չ ոք «կ՛որդեգրէ» մարզիկ մը կամ գայլիկ մը: Այդ մէկը միջին արեւելեան, յատկապէս հալէպահայերու սովորութիւն էր:

Մարզիկի տարիներս շատոնց անցած են: Ինծի կը փոխարինէ տղաս, որ մաս կը կազմէ մեր շրջանի «Մասիս» մասնաճիւղի պասքէթի խումբերէն մէկուն, իսկ ծնողներէն շատերու նման, կինս ու ես փառատօնի շաբաթը մեր կամաւոր մասնակցութիւնը կը բերենք ուտեստեղէն ծախելով բազմահազար ներկաներուն, իսկ եկամուտով օգտակար կը հանդիսանանք մեր մասնաճիւղի նիւթական կարիքներուն:

ՀՄԸՄ-ի հաւատացողին համար կամաւոր գործերը չեն պակսիր:

Գաղութի գրեթէ բոլոր հայ երգիչները սիրայօժար իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` խանդավառելով ներկաները: Անհաւատալի եռուզեռ: Հազարաւոր հայեր մէկտեղուած, եւ այս բոլորը` շնորհիւ ՀՄԸՄ-ի նուիրեալներու ժրաջան աշխատանքին:

Երկրի մը սովորութիւնները անպայմանօրէն կ՛ազդեն այդտեղի բնակիչներու կենցաղին վրայ:

Հալէպի մէջ Լիբանանէն ժամանած ՀՄԸՄ-ականները, անմիջապէս «կ՛որդեգրուէին» հայ ընտանիքի մը կողմէ: Այդպէս էր հալէպահայուն կենցաղը: Լոս Անճելըսի «Նաւասարդեան» փառատօնի շաբաթը նմանապէս մեծ թիւով ՀՄԸՄ-ականներ կը ժամանեն Սան Ֆրանսիսքոյէն, Սէն Տիէկոյէն կամ մօտ ու հեռու քաղաքներէ, սակայն նման հիւրընկալութեան չենք հանդիպիր արեւմտեան որեւէ երկրի մէջ: Այդ մէկը իւրայատուկ է միջին արեւելքցի հայուն, մասնաւորաբար` հալէպահայուն:

Երկրի մը սովորութիւնները որքան ալ ազդեն մեր կենցաղին, ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը հայրենիքի մէջ, թէ սփիւռքի ոեւէ երկրի կը մնայ անփոփոխ`

ԲԱՐՁՐԱՑԻ՛Ր…  ԲԱՐՁՐԱՑՈ՛ՒՐ:

Լոս Անճելըս, 2018

 

Բացայայտուեցաւ Անհիմն Յայտարարութիւններ Կատարող Հակահայ Գրող Մը Եւս

$
0
0

Փիթըր Թէյզ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Այնպէս կը թուի, թէ շաբաթ մը չ՛անցնիր առանց հանդիպելու խորհրդաւոր այլ գրողի մը, որ պատուիրուած յօդուած չգրէ Ազրպէյճանի մասին եւ չվարկաբեկէ Հայաստանի ու շարք մը հայերու հեղինակութիւնը:

Այսօրինակ վերջին գրողը Փիթըր Թէյզն է, որ 11 յունիս 2018-ին, «Եորէյժա Ռիվիու» (Eurasia Review) կայքին վրայ տեղադրած է «Ռուսիոյ օտար գործակալները Ամերիկայի մէջ. Թրամփի կապերը հայ լոպիիստներու հետ» խորագիրը կրող յօդուածը:

Այս խիստ կողմնակալ յօդուածը կը դիմէ չափազանցութիւններու եւ չհիմնաւորուած մեղադրանքներու` Հայաստանը եւ անհատ հայեր կապելու Ռուսիոյ, իսկ ինչ որ առաւել զարմանալի է` նախագահ Տանըլտ Թրամփին հետ…

Նախ, Թէյզ կը խեղաթիւրէ իրանահայ Գէորգ Վարդանեանի գովասանքի արժանի գործողութիւնները Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին` զայն անուանելով «խորհրդահայ ամէնէն արդիւնաւէտ լրտեսներէն մէկը»: Իրականութեան մէջ, Վարդանեան վիթխարի ծառայութիւն մատուցած է ամբողջ աշխարհին` խափանելով Ստալինի, Չըրչըլի եւ Ռուզվելթի սպանութեան հիթլերեան ծրագիրները` 1943-ին, Թեհրանի խորհրդաժողովին իբրեւ դաշնակիցներ անոնց հանդիպման ատեն: Թէյզ կը նուազեցնէ անոր սեփական վարկանիշը` նշելով, որ «Սի. Այ. Էյ.»-ի (CIA) տնօրէն Սթենսֆիլտ Թըրնըր եւ գործակալութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները վստահած են Վարդանեանին: Ինչո՞ւ անոնք պիտի վստահէին Վարդանեանին, եթէ ան վատ մարդ ըլլար…: Անհաւատալիօրէն, Թէյզ նոյնիսկ կը պնդէ, որ ան կը կասկածի Վարդանեանէն, քանի որ վերջինս կը խօսէր հայերէն…

Այնուհետեւ Թէյզ կը քննադատէ երկու ռուս լրագրողները` Մարգարիտա Սիմոնեանը եւ Գայեանէ Չիչակեանը, որոնք կ՛աշխատին «Ռուսիան Այսօր» հեռատեսիլի ընկերութեան մէջ: Անոնց միակ մեղքը այն է, որ «բարետես» կիներ են, եւ առանց որեւէ ապացոյցի Թէյզ զանոնք կը  մեղադրէ` «շատ այլ ազդեցիկ «ռուս» գործակալներու պէս ցեղախօսականօրէն հայ ըլլալնուն մէջ»:

Յաջորդը Ռուսիոյ Պետական Տումայի փոխխօսնակ Արթուր Չիլինկարովն է, որուն վրայ Թէյզ կը յարձակի հայ ըլլալուն համար: Չիլինկարովի մեղքը այն է, որ Մոսկուայի մէկ ճաշկերոյթի սրահին մէջ ան նստած եղած է նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողքի սեղանին: Չիլինկարով մեծարուած է Խորհրդային Միութեան եւ Ռուսիոյ կողմէ իբրեւ բեւեռախո՛յզ իր սխրանքներուն համար, այլ ոչ թէ հայ ըլլալուն պատճառով, ինչպէս կը յայտարարէ Թէյզ…

Հաւանաբար, Թէյզի յօդուածին ամէնէն անյաջող հատուածը կեղծ  պնդումն է ամերիկահայ լրագրող Էմիլ Սանամեանի` «օտար գործակալ» ըլլալուն մասին: Ասիկա ամբողջութեամբ կեղծ մեղադրանք է: Սանամեան ինծի ըսաւ, որ ինք ո՛չ հիմա, ո՛չ ալ անցեալին Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան բաժանմունքին մէջ արձանագրուած է իբրեւ «օտար գործակալ»: Յոյսով եմ, որ Սանամեան դատի կու տայ Փիթըր Թէյզը եւ անոր կայքը` իր հեղինակութեան վնաս հասցնելուն համար: Հայկական ամէն ինչի նկատմամբ Թէյզի կոյր ատելութեան աստիճանը ցոյց տալով, յօդուածը կը մեղադրէ Սանամեանը` «Ամերիկացիները Արցախի համար» կազմակերպութեան համար աշխատելով, կազմակերպութիւն մը, որ «ստեղծուած է օրինականացնելու պատերազմական յանցագործութիւնները եւ ռուսական զօրքերու աջակցութեամբ հայերու կողմէ ապօրինի գրաւումը, որ իրականացուած է անողոքաբար (Ուքրանիայէն եւ Վրաստանէն շատ առաջ, Ռուսիոյ իշխանութիւնը օգտագործեց հայ զինուորները` ինքնիշխան Ազրպէյճանի տարածքը գրաւելու, ձերբակալութիւններ իրականացնելու եւ Ազրպէյճանի արեւմտամէտ ուղղութիւնը խափանելու համար): Այս նախադասութեան մէջ ոչ մէկ ճիշդ բառ կայ: Ռուսական իշխանութիւնները չեն օգտագործած հայ զինուորները: Հայերը իրենք զիրենք ազատագրած են Ազրպէյճանի ճնշող վարչակարգէն, որ տասնամեակներ շարունակ զանգուածային ոճիրներ կը գործէր Արցախի հայերուն դէմ…:

Իրականութեան մէջ, ռուս զինուորները աջակցած են Ազրպէյճանի եւ սպաննած` Արցախի բազմաթիւ անմեղ բնակիչներ: Աւելին, «Ամերիկացիները Արցախի համար»-ը եղած է ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն մը, որ ֆինանսաւորուած է ամերիկահայերու կողմէ:

Սանամեան ինծի յայտնեց, որ այնտեղ աշխատած է  անվճար: Բացի ասկէ, երբ Սանամեան աշխատած է Ուաշինկթընի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գրասենեակը, այդ կազմակերպութիւնը տակաւին չէր արձանագրուած իբրեւ «օտարերկրեայ գործակալ» Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան բաժանմունքին մէջ: Առաւել` Թէյզ կեղծ պաշտօն յօրինած է` պնդելով, որ «Սանամեան իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հասարակութեան հետ կապերու գրասենեակի տնօրէն, պատասխանատու էր տեղեկատուական պատերազմներու եւ քարոզչութեան համար»:

Թէյզի յօդուածին մէջ կան նաեւ շարք մը այլ անճշդութիւններ, որոնք ցոյց կու տան անոր գիտելիքներու պակասը` հայկական հարցերու վերաբերեալ: Օրինակ, Թէյզ կը գրէ, որ Հայաստան անկախացած է «Խորհրդային Ռուսիայէն»` Խորհրդային Միութեան փոխարէն: Երկրորդ անհեթեթութիւնը` Թէյզի մեկնաբանութիւնը Սերժ Սարգսեանի լուսանկարին վերաբերեալ, ուր Սարգսեան կ՛երեւի Թրամփի եւ անոր տիկնոջ հետ, Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի շէնքին մէջ: Թէյզ այդ լուսանկարը կը վերագրէ ամերիկահայ համայնքի լոպիիստական ջանքերուն: Սակայն, լոպիինկի անհրաժեշտութիւն երբեք չկար: Եթէ Թէյզ քիչ մը հետազօտութիւն կատարէր, ապա պիտի յայտնաբերէր մէկ այլ լուսանկար, ուր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն էր նախագահ Թրամփի եւ անոր տիկնոջ հետ ՄԱԿ-ի մէջ, ինչպէս նաեւ կային բազմաթիւ այլ պետութիւններու ղեկավարներու հետ լուսանկարներ: Մէկ այլ դիտաւորեալ խեղաթիւրում Թէյզի կողմէ. Սանամեանի կինը` Լոնտոնի քաղաքային համալսարանի Cass Business School-ի շրջանաւարտը, 2012-ին եղած է համալսարանի գլխաւոր «նուիրատուներէն եւ հովանաւորներէն» մէկը: Թէյզ չի նշեր, որ Սանամեանի կինը դասուած է աւելի փոքր` 1000 տոլարէն նուազ դասակարգին մէջ, բան մը, որ զայն չի դարձներ գլխաւոր նուիրատու:

Հայերու վրայ Թէյզի յաջորդ յարձակումին առանցքը վրայ` անոնց ենթադրեալ կապն է նախագահ Թրամփի հետ: Ահա հոս է, որ Թէյզ ինքնիրեն թոյլ կու տայ արտաբերելու իր ամէնէն անհեթեթ մեղադրանքը: Իրականութեան մէջ, դժուար թէ գոյութիւն ունենայ հայ մը, զոր ճանչնայ նախագահ Թրամփ, ուստի Թէյզ կը հնարէ երեւակայական կապեր: Թէյզ նոյնիսկ կը համարձակի խեղաթիւրել «Հայերը պէտք է կապ հաստատեն Թրամփի հետ` Քոնկրեսին մէջ իրենց հանրապետական կողմնակիցներուն միջոցով» վերնագիրով 2016-ին գրած յօդուածս: Եթէ Թէյզ ազնիւ լրագրող ըլլար, ան մէջբերում կ՛ընէր իմ յօդուածէս, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Նորընտիր նախագահին հետ հայ-ամերիկեան կապեր գործնականին մէջ գոյութիւն չունին»:

Թէյզ նաեւ կը խեղաթիւրէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի յայտարարութիւնը, որուն միջոցաւ ան կ՛առաջարկէ աշխատիլ նորընտիր նախագահին հետ: Այդ նախադասութեան մէջ չկայ որեւէ նշում` ամերիկահայերու եւ Թրամփի միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերու մասին: Այլ բան չունենալով ներկայացնելու, Թէյզ կ՛օգտագործէ Էնտի Սուրապեանի բոլորովին անյայտ անունը` իբրեւ «ուրիշ հայ մը` քաղաքական գործիչ, Թրամփի Սպիտակ տան խորքը»: Սուրապեան կը նկարագրուի իբրեւ «Սթիւ Պենընի քաղաքական խորհրդական Թրամփի վարչակարգին մէջ եւ քարոզչութեան վեթերան»: Ի դժբախտութիւն Թէյզի` ո՛չ Պենըն, ո՛չ ալ Սուրապեան կը շարունակեն աշխատիլ Սպիտակ տան մէջ:

Թէյզ այնուհետեւ կը նշէ Քիթ Նահիկեանի անունը` իբրեւ «ամենայն հաւանականութեամբ, հայկական սփիւռքի ամէնէն ազդեցիկ եւ բարձրաստիճան անդամ եւ արձանագրուած լոպիիստ, կապուած Թրամփի քարոզարշաւին հետ… որ կոչուած էր գլխաւորելու Թրամփի անցումային խումբը, 2017-ին»: Ասիկա ուշադրութիւն շեղող եւս մէկ հնարք է: Նահիկեան կապ չունի հայ համայնքին հետ: Երկու տարի առաջ ես անոր ելեկտրոնային նամակ մը ուղարկած էի եւ մինչ օրս կը սպասեմ անոր պատասխանին: Ահա, թէ որքան մօտ է Նահիկեան հայ համայնքին:

Թէյզ վաղահասօրէն կ՛ակնարկէ քոնկրեսական Տենի Թարխանեանի (հանրապետական, Նեւատա)` իբրեւ «հայկական լոպիի անդամ, նախագահ Թրամփի մօտ մուտք ունենալու հնարաւորութեան» մասին: Եթէ Թարխանեան նոյեմբերին յաղթէ, միայն այն ատեն կրնանք որոշել, թէ ան իր կապերով որքա՞ն մօտիկ պիտի ըլլայ Սպիտակ տան:

Անհաւատալիօրէն, Թէյզ կը նշէ Քիմ Քարտաշեանը` իբրեւ «տնային-փոռնօ-Թուիթըր լոպիիստ», որ բազմաթիւ առիթներով հանդիպած է Թրամփի հետ, վերջին անգամ մայիս 2018-ին»` յաջողութեամբ նախագահ Թրամփի կողմէ ներում ապահովելով ցմահ դատապարտուած  բանտարկեալ (ոչ հայ) տարեց կնոջ մը համար: Թէյզ աւելի համոզիչ կ՛ըլլար, եթէ Քարտաշեան խնդրանք ներկայացուցած ըլլար Թրամփին` հայկական որեւէ հարցի վերաբերեալ: Սակայն չէ եղած որեւէ կապ` իբրեւ «հայ լոպիիստ» Քարտաշեանի եւ նախագահ Թրամփի միջեւ:

Թէյզ կեղծօրէն կ՛եզրափակէ իր անհիմն եւ ամօթալի յօդուածը` նշելով. «Այս լայն ու խոր կապերը ներկայ անփորձ նախագահին եւ անոր քարոզարշաւին հետ կը ստեղծեն ազգային անվտանգութեան հաւանական հետեւանքներ եւ արժանի են մեծ ուշադրութեան` երաշխաւորելու, որ Փութինի շարունակուող միջամտութիւնը հայրենի Միացեալ Նահանգներու մէջ, կը փշրուին եւ ձախողութեան կը մատնուին»:

Չեմ կարծեր, թէ Թրամփ Փութինի հետ կապեր հաստատելու համար ամերիկահայերու կարիքը ունի: Հակառակ Թէյզի անհիմն մեղադրանքներուն` նախագահ Թրամփ երկար ժամանակ ուղիղ կապ ունեցած է Քրեմլինի հետ եւ ոեւէ մէկուն օգնութեան կարիքը չունի:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Viewing all 12094 articles
Browse latest View live