Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12041 articles
Browse latest View live

«Արդ, Հասնինք Գլխագիր Բանին»

0
0

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր
եւ Բանը Աստուած էր»
Աւետարան Ըստ Յովհաննու 1:1

Արա Արծրունիին առաջին անգամ հանդիպեցայ 11 յուլիս  2017-ին, երբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի մտայղացումով եւ կազմակերպութեամբ կը մասնակցէինք «Սփիւռքի հայը նոր հորիզոններու դիմաց» գիտաժողովին` Պիքֆայա, Լիբանան: Գիտէի, որ ան գաղութին մէջ ծանօթ արձակագիր եւ թատերագիր է, բայց, ինչ խօսք, ծանօթ չէի անոր գործերուն: Բայց «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը մեզի առիթը տուաւ ծանօթանալու իր թատերական մէկ գործին` «Կոնտոլեզիա` իմ սէր»-ին, որ բեմադրուեցաւ 13 մայիս 2018-ին:

Թատրոնը կը սիրեմ, բայց թատերական վերլուծաբան չեմ: Սակայն միշտ ալ հետամուտ կ՛ըլլամ տեսնելու, թէ որեւէ թատերախաղի միջոցով ի՞նչ մարդկային-ընկերային, ու տակաւին` ազգային-քաղաքական նիւթեր կարելի կ՛ըլլայ վեր առնել: Եւ այս պարագային ալ «Կոնտոլեզիա` իմ սէր» թատերական գործը դիտեցի նոյն ակնկալութեամբ եւ յանձնառութեան տեսլականով:

Արա Արծրունին, բայց նաեւ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանը եւ թատրոնի իւրաքանչիւր դերասան լաւ ձեւով ներկայացուցին «Կոնտոլեզիա»-ն եւ անոր տարբեր երեւոյթները: «Կոնտոլեզիա»-ն ուրիշ տեղ մը չէր, եթէ ոչ` մեր աշխարհը: Մարդուն կեանքը` իր ապրած իւրաքանչիւր երկրին ու անոր պետականութեան ընդմէջէն: Եւ` նոյն կեանքը, որ կը սկսի նախնադարեան շրջանէն, հասնելու համար մինչեւ ներկայ ժամանակները: Բայց այս մարդուն կեանքը, իր տարբեր ժամանակներուն մէջ, անցած է ու տակաւին կ՛անցնի նոյն ապրուած ու ապրող իրավիճակներուն մէջէն: Իրավիճակնե՞րը… Եւ կրկնուող յանկե՞րգը: Ու տակաւին` նոյն մարդուն ձգտումը փնտռելու նոր կեանք մը` փոխարինելու համար հի՞նը, քանի որ` «մենք չենք կրնար ապրիլ Կոնտոլեզիայի մէջ»: Պատմութեան կրկնուող իրավիճակները, որոնց մէջ տարբեր ժամանակներու մարդը միշտ ալ տքնած է ապացուցելու, թէ իր իսկ ստեղծած կեանքը եւ պետականութիւնն ու անոնց հանդէպ ամէն տեսակի «սէրեր»-ը կարելի չէ՞ ապրիլ: Եւ այդ մարդուն կեանքին նկատմամբ «դժգոհութիւնը»` պատմութեան տարբեր ժամանակներուն մէջէն, ինչ որ միշտ ալ նոյն մարդը մղած է ըսելու եւ կրկնելու. «Մենք չենք կրնար ապրիլ Կոնտոլեզիայի մէջ»: Մինչեւ այսօր, ինչպէս բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան իր ներածական խօսքին մէջ յստակ կը դարձնէ, «ոչ մէկ ուրիշ թատերախաղ կրնար Կոնտոլեզիայի նման այժմէական հնչերանգ ունենալ` թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ հայաստանեան առումով», եւ տակաւին` այս օրերուն մեր ապրած վիճակները կը յիշեցնեն «Կոնտոլեզիա»-ն եւ անոր ստեղծած դժուար իրավիճակները, թէ` «մենք չենք կրնար ապրիլ Կոնտոլեզիայի մէջ»: Բայց կարկինը պէտք է աւելի լայն բանալ, քանի մարդը, քիչ մը ամէն տեղ, կ՛ապրի իրեն յատուկ «Կոնտոլեզիա»-ի իրավիճակները: Եւ նոյն մարդը իր լեզուական ու ազգային տարբերութիւններով եւ ընկերամշակութային ու քաղաքական կարգավիճակներուն մէջէն կ՛ըսէ նոյնը. «Ես ալ չեմ կրնար ապրիլ իմ Կոնտոլեզիայիս, իմ այս վիճակիս մէջ»:

Բայց հեղինակ Արա Արծրունին կու տայ ելքի ճամբան:

«Արդ, հասնինք գլխագիր ԲԱՆԻՆ»:

Իսկ գլխագիր ԲԱ՞ՆԸ…

Դարձեալ հեղինակը. «ԲԱՆՆ Աստծոյ»:

Իսկ «Աստծոյ Բա՞նը»: Անիկա մեր քրիստոնէական աստուածաբանութեան հիմքն է:

«Սկիզբէն էր Բանը»:

«Բան»-ը յունարէն արմատին մէջ համազօր է «Լողոս» բառին: Իսկ «Լողոս»-ը Խօսքն է: Ու տակաւին` տրամաբանութիւն եւ ծրագիր: Եթէ «սկիզբէն» կար  Բանը, բայց այդ Բանը, Խօսքը, ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ` Աստուած: Աստուծոյ շնորհած Խօսքը եւ ծրագիրը:

Ուրեմն Բանը` Խօսքը` Աստուած սկիզբէն կար իբրեւ աշխարհի հիմք:

Եւ եթէ Բանը` Խօսքը, տեսութիւն է, ինչպէս որեւէ մէկ այլ խօսք, բայց եւ այնպէս Աստուած, իմա՛ Բանը, չմնաց տեսութեան սահմաններուն մէջ: Որովհետեւ այդ Բանը` Խօսքը, տեսութենէն վերածուեցաւ եւ «արտադրեց» իրական տեսանելի ծրագիր-կեանք մը: Երբ Բանը` Խօսքը` Աստուած, մարդացաւ եւ աշխարհ եկաւ: Եւ Բանին աշխարհ գալը աննպատակ չէր, այլ` ծայր աստիճան նպատակասլաց, որովհետեւ Բանը աշխարհ գալով` ստեղծեց նոր կեանքի համակարգ, այն, ինչ որ մարդը մինչեւ այսօր իր ուժով եւ կարողականութեամբ չկրցաւ ընել: Աստուծոյ` Բանին շնորհած նոր կեանքը չեղաւ աժան: Կար չարչարանքը, անարգանքը եւ մինչեւ իսկ մահը խաչին վրայ: Բայց մահուան դէմ կար Բանին յաղթանակը` նոյն Բանին յարութեամբ: Նոյն այդ յարութեամբ ստեղծուած նոր կեանքը, մէկ կողմէ` մարդուն անհատական կեանքին համար, եւ նաեւ նոր համակարգը` մարդկային հաւաքականութեան համար: Այս գործընթացը ունի նաեւ իր աստուածաբանական կապուածութիւնն եւ եռեակ հոլովոյթը: Քրիստոս աշխարհի մէջ եւ  իր ապրած կեանքին ընթացքին քննադատեց մարդուն ստեղծած համակարգը: Խաչին վրայ իր մահուամբ քանդեց իր քննադատած այդ նոյն համակարգը, իսկ իր յարութեամբ կառուցեց նոր կեանքը: Հոն, ուր, ինչպէս հեղինակ Արծրունի կը յստակացնէ, մարդկային կեանքերը Իր` Աստուծոյ միջոցով կրնան հասնիլ «ԲԱՆՆ մարդկութեան, ճշմարտութեան, բիւրեղացումին եւ տեսլականին»:

Բայց Բանին ստեղծած նոր կեանքը զերծ չէ դժուարութիւններէ… Եւ այս ալ նոյն պատմութեան կրկնուող հոլովոյթին մէկ մասն է: Միշտ ալ պիտի ըլլան «Հանիպալները», որոնք եթէ պիտի «խօսին գլխագիր ԲԱՆ հասկացողութեան մասին», բայց նաեւ «զոհաբերած են իրենց կեանքը» անոր համար: Որովհետեւ Բանին ստեղծած նոր կեանքը եւ անոր ճամբան «խաչ»-ին հասկացողութիւնն է, ուր երբեք ապահովութիւնը եւ խոստումը չկան, եւ կարելի չէ խոստանալ, որ այդ կեանքը պիտի ըլլայ դիւրին եւ հանգիստ: Կան դժուարութիւնը, նեղութիւնը եւ չարչարանքը: Բայց նաեւ` նահատակութիւնը… «Հանիպալներու» նահատակութիւնը:

Ահա թէ ո՛ւր, ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը եւ Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը կը մտնեն մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքերուն իւրաքանչիւր բնագաւառին մէջ (ազգային, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ այլն) եւ կը յիշեցնեն մեզի, որ` «Կոնտոլեզիայի մէջ չենք կրնար ապրիլ», բայց կարիքը ունինք ԲԱՆԻՆ, որպէսզի մեր կեանքերուն` անհատական թէ հաւաքական, տանք նորին իմաստը եւ էութիւնը: Հոն, ուր մարդը պիտի ապրի, ինչպէս բեմադրիչ Տէր Ղուկասեան կ՛ըսէ` «ազատ, անկախ եւ ուրախ… Հայրենիքի մը, համակարգի մը մէջ, որ իրեն կը պատկանի…»: Եւ ԲԱՆԸ կը շնորհէ այդ հայրենիքին մէջ ապրելու եւ զայն «իր սեփականութիւնը դարձնելու» գիտակցութիւնը: Այդ «իրենը», որ կը դառնայ «ընդհանրական», ուր «ես», «դուն», «ան» եւ, վերջապէս, «մենք» բոլորս կրնայ ընդգրկել: Որովհետեւ Բանը` Խօսքը` Աստուած, մարդացաւ եւ աշխարհ եկաւ, որովհետեւ… ամբողջ «աշխարհը սիրեց»` առանց խտրութեան: Եւ այս սէրը նոյնը չէ երբեք, ինչ որ է Կոնտոլեզիայի սէրը: Ոչ ալ անիկա դիւրին հասանելի կեանք ու սէր է…

Այս ԲԱՆԻՆ ու անոր ստեղծած կեանքի գիտակցութեան մէջ կը կայանայ Արա Արծրունիի հեղինակած թատերական գործին վեհութիւնը եւ անոր արժանահաւատութիւնը: Ու տակաւին` բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի անձնակազմի իւրաքանչիւր դերասանի, որոնք քաջութիւնը ունեցան Բանին այս կեանքը հրամցնելու մեզի` հանդիսատեսներուս:

Շնորհակալութիւն եւ վարձքը կատար բոլորին, որ կրցան Բանը` Խօսքը տեսութեան մէջ չպահել միայն: Այլ թատրոնին միջոցով կենդանացուցին Խօսքը եւ զայն դրին մեր առջեւ` իբրեւ մեր կեանքը ապրելու իրական ուղի…

Ուղին, որուն միջոցով բոլորս կրնանք «հասնիլ գլխագիր ԲԱՆԻՆ»:

Լիբանան, Հայաստան ու տակաւին աշխարհով մէկ:

Բայց պիտի հաւատանք, որ կրնանք հասնիլ: Բայց նաեւ` ապրիլ զայն:

Հաւատքը, որ պիտի «հասնինք գլխագիր ԲԱՆԻՆ»: Եւ` Բանին ստեղծած անհատական ու հաւաքական կեանքին: Եւ` այդ հաւաքական կեանքին ստեղծած «ցանկալի հայրենիքին»:

 

 

 

 


«Հայ Մը Առնէր, Չէ՞ր Ըլլար»

0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Հայաստանի խորհրդային տարիներուն Էշրեֆիէի զուտ հայկական մեր թաղամասի դրացիներէն քանի մը հատը համայնավարամէտ էին եւ «հպարտօրէն» կ՛երգէին:

 «Եղբայր դարձան Հայաստան, Ազրպէյճան»:

Վերջերս Անգլիոյ Հերրի իշխանը ամուսնացաւ ամերիկացի սեւամորթ դերասանուհի Մեկընին  հետ:

«Խնամիներ դարձան Անգլիան ու Ամերիկան»:

Երկար տարիներ, թէ՛ Անգլիոյ եւ թէ՛ Ամերիկայի մէջ, սեւամորթները շահագործուած էին որպէս ստրուկներ,երբ տասնամեակ մը առաջ Ամերիկա ունեցաւ իր առաջին սեւամորթ նախագահը, իսկ ներկայիս` Անգլիոյ թագաւորական ընտանիքը` սեւամորթ հարս մը, որ ոչ միայն Անգլիոյ ազնուական ընտանիքէ չէ սերած, այլ նաեւ անգլիացի չէ, եւ … այս բոլորին վրայ, նախապէս ամուսնացած եւ ամուսնալուծուած դերասանուհի մըն է:

Ծայրայեղական անգլիացիին համար այս մէկը որքա՞ն մարսելի է, քիչ մը հարցական է:

Իշխան Հերիի եւ դերասանուհի Մեկընի ամուսնութիւնը բնաւ չի համապատասխաներ Անգլիոյ թագաւորական ընտանիքի սկզբունքներուն:

Տարիներ առաջ Չարլզ իշխանի եւ Տիանայի ամուսնութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուց Անգլիոյ թագաւորական ընտանիքին մէջ: Տիանայի միակ յանցանքը … ազնուական ընտանիքէ սերած չըլլալն էր:

Տիանա զոհ գնաց ինքնաշարժի «արկածի» մը: Անստոյգ տեղեկութիւններու համաձայն, դասաւորուած «արկած» մըն էր այդ ցաւալի դէպքը:

Հեռատեսիլէն երբ հարսանեկան արարողութեան կը հետեւէի, անզգալաբար ժպտեցայ: Կինս նկատեց այդ մէկը եւ զարմացած` ժպտելուս պատճառը ուզեց գիտնալ, քանի` այդ վայրկեանին ոեւէ զուարճալի դէպք չէր պատահած:

«Պարզապէս վայրկեանի մը համար երեւակայութիւնս տարբեր ուղղութիւններ առաջնորդեց զիս», պատասխանս աւելի հետաքրքրութիւն ստեղծեց իր մէջ:

* * *

Ամէն անգամ,երբ հայ մը օտար ամուսնութիւն կնքէ, որքան ալ արժէքաւոր անձ մը ըլլայ օտար հարսը կամ փեսան, շատերէ կը լսենք «քլիշէ» դարձած միեւնոյն նախադասութիւնը`

«Հայ ըլլար, չէ՞ր ըլլար», իսկ ներկայիս կարգ մը հայկական հեռատեսիլի «սերիալ»-ներու դերասանուհիներ, տեսնելով իրենց «արուեստակից»-ի մը նման բախտի տիրանալը, իրենք զիրենք աւելի յարմար հարսնցու դասելով` հաւանաբար մտածեն:

Իշխանը «Հայ մը առնէր, չէ՞ր ըլլար»: Վերջապէս անոր ընտրածը իրմէի՞նչ առաւելութիւն ունի, կամ ինք ինչո՞վ է պակաս իշխան Հերիի ընտրած հարսնցուէն:

Առաջին անգամը չէ, որ շարժապատկերի դերասանուհի մը ամուսնութիւն կը կնքէ իշխանի մը հետ ու կը դառնայ … իշխանուհի:

1956-ին Կրէյս Քելի ամուսնանալով Մոնաքոյի Ռէյնըր 3-րդ իշխանին հետ` դարձաւ Մոնաքոյի իշխանուհի, իսկ ներկայիս Մէկըն` Անգլիոյ իշխանուհի:

Ենթադրենք (երազել կամ ենթադրել, շատ հեշտ է), որ Անգլիոյ Հերրի իշխանը պատահմամբ հանդիպէր հա՛յ դերասանուհիի մը, սիրահարէր եւ որոշէր ամուսնանալ անոր հետ:

Հայ հարսնցուն Երեւանէն Անգլիա մեկնած ժամանակ անկասկած պիտի երգէր:

«Հարս եմ գնում, տանից հեռանում» (Ժող. երգ):

Իր ընտանեկան պարագաները ոչ միայն դէմ պիտի չկենային այդ օտար ամուսնութեան, այլ գոհ պիտի մնային, նաեւ` հպարտ, որ իրենց դուստրը պիտի դառնայ Անգլիոյ իշխանուհի,իսկ կարգ մը նախանձ, որ դրացիներ, կամ իր մտերիմ ընկերուհիներէն քանի մը հատը համաձայն պիտի չգտնուէին հայուհիին օտար ամուսնութեան եւ ըսէին`

«Չէ՞ր կրնար հայու մը հետ ամուսնանալ»:

Հայը միշտ դէմ եղած է օտար ամուսնութեան, սակայն ներկայիս այնքա՜ն ընդհանրացած է:

Երբ Ամերիկայէն ժամանող հրաւիրեալները կ՛երեւէին հեռատեսիլիս փոքրիկ պաստառին վրայ, չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս, այդ հրաւիրեալներէն շատերը հայերու կը նմանցնէի: Բնականաբար այդ բոլորը երեւակայական էին: Ժամանած էին Անգլիա` ներկայ գտնուելու անուշիկ հայուհիի պսակադրութեան, որմէ անմիջապէս ետք պիտի կոչուէր իշխանուհի «… ուհի»: «Ուհի»վերջաւորութեամբ հայկական անունները այնքա՜ն շատ են: Իշխանուհի Վարդուհի, Ազատուհի, Վրէժուհի եւ շատ ուրիշներ, սակայն ներկայիս այդ անունները գործածողներ հազուադէպ են:

Այդ մէկը … ուրիշ հարց:

Հրաւէր չստացողներէն քանի մը ներկաներ պիտի փորձէին եկեղեցի մուտք գործել զանազան կեղծ պատճառաբանութիւններով, որ իբր թէ «կորսնցուցած» են իրենց հրաւիրատոմսը:

«Մամայիս արեւ, որ հրաւիրուած էինք էլի՛, բայց ինչ ասեմ սրան (ցոյց տալով իր կողակիցը), մի կտոր թղթի կտոր էլ չի կարող պահել իր մօտ»:

Ամենադժուարը պիտի ըլլար բարձրաստիճան հրաւիրեալներու ընտրութիւնը: Սերժ Սարգիսեա՞ն, թէ՞ Նիկոլ Փաշինեան, իսկ եթէ երկուքն ալ ընդունէին հրաւէրը, պիտի ուզէի՞ն իրարու սեղանակիցներ ըլլալ: Մէկը միւսին կենացը պիտի խմէ՞ր:

7 պորտ հեռու ազգականները պիտի փափաքէին ներկայ գտնուիլ հարսանիքին, իսկ հրաւիրեալներու շարքին չգտնուողները «արդարօրէն» պիտի գանգատէին եւ յարմար պիտի չգտնէին հայու մը օտարի հետ ամուսնութեան:

«Օտարի մը հետ ամուսնացողի հարսանիքին ներկայ չենք գտնուիր»:

Աղուէսին դունչը խաղողին չէ հասած` «դեռ խակ է» ըսեր է:

Պսակի արարողութեան նախորդող գիշերը տեղի պիտի ունենար աւանդական «հինայի» գիշերը: Իւրաքանչիւր հարսնեւորի ճկոյտին եղունգը կարմիր պիտի ներկուէր: Խնձորի մը վրայ վառած մոմ մը  բարձր բռնած` պիտի պարէին, իսկ փեսան պիտի փորձէր «գողնալ» խնձորը:

Յաջորդ օրը, պսակի արարողութեան ժամանակ, հայ հարսնցուն պիտի չգոհանար անկլիքան կղերականի մը օրհնութեամբ: Պիտի փափաքէր անոր կողքին ունենալ հայ բարձրաստիճան կղերական մը, եւ երկու կղերականով տեղի պիտի ունենար պսակի օրհնութիւնը: Հայկական սովորութիւն է այդ մէկը: Եկեղեցւոյ խորանին վրայ տեսնել բազմաթիւ կղերականներ, եւ որքան շատ ըլլայ անոնց թիւը, այնքան ամուր կ՛ըլլայ ամուսնական կապը: Բնական է, չէ՞:

Անգլիացի կղերականը, երբ փեսային հարցնէր` «Մինչեւ մահ տէ՞ր ես», իշխանը պիտի պատասխանէր, «I will», իսկ երբ հայ կղերականը հարսին հարցնէր «Մինչեւ մահ հնազա՞նդ ես», «Հա՛» պիտի ըլլար պատասխանը:

Կարիքը կա՞յ յիշեցնելու, որ ներկայիս շատերու մօտ «Այո»-ի գործածութիւնը փոխարինուած է «Հա»-ով:

Պսակի արարողութենէն անմիջապէս ետք հիանալի հայկական խրախճանք մը տեղի պիտի ունենար, որուն նմանը չէ տեսած Անգլիոյ թագաւորական ընտանիքը: Հայկական երգ ու պարով երեկոն պիտի խանդավառէր «սիրուած» ռապիզ երգիչ մը:

Հայկական աւանդութիւններ մուտք պիտի գործէին Անգլիա: Լոսանճելըսաբնակ հայերու սովորութեան համաձայն, հարսին ու փեսին վրայ տոլարներ պիտի «ցանէին» (բացառաբար այս անգամ` եւրօ կամ սթերլին):

Սկովտիական նշանաւոր Ուիսքին պիտի փոխարինուէր ռուսական վոտկայով ու հայկական արաղով:

Սեղանը լեցուն պիտի ըլլար հայկական լաւաշ հացով, աղանդերներով (ապուխտը պայման է) եւ բնականաբար հայկական խորովածով:

Հարսին մայրը Անգլիոյ թագուհիին երկու այտերէն համբուրելով` պիտի ըսէր. «Աչքերնիս լոյս, խնամի՛ ճան», իսկ երբ թագուհին չհասկնալով իրեն անծանօթ լեզուն` ապշած նայէր, ներկաներէն «լաւ անգլերէն իմացող» մը պիտի թարգմանէր` «Let there be light in your eyes» (այսքան ալ բառացի թարգմանութի՞ւն):

Խրախճանքի աւարտին շատ մը հայեր պիտի հարբենային, եւ բնականաբար կռիւ պիտի ծագէր հարսնեւորներուն միջեւ: Այս մէկը ընդհանրացած երեւոյթ է:

«Արրա՜, ես քո …. Մենք քիչ ենք, սակայն մեզ հայ են ասում»:

Կռիւը շարունակուելու պարագային Հայաստանէն «կամաւորներ» պիտի հասնէին Անգլիա` պաշտպանելու հայերու պատիւը: (Թերահաւատները անգամ մըն ալ թող կարդան «Կաթիլ մը մեղր»-ը  եւ համոզուին, որ ամէն բան կարելի է):

Կարծես բաւարար չըլլար հայերու երկու թշնամիները` թուրքն ու ազերին, պիտի ունենայինք երրորդ մը` Անգլիան:

* * *

«Ամէն չարիքէ բարիք մը կը ծնի», կ՛ըսէ հայկական առածը:

Ի՜նչ լաւ, որ իշխան Հերրի  հայուհի մը չընտրեց` որպէս կողակից:

Կ՛արժէ՞ հայ իշխանուհի մը ունենալու սիրոյն յաւելեալ թշնամի ունենալ:

 

Լոս Անճելըս, 2018

Մինչեւ Ո՞ւր Զիջիլ

0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Երբ երկրի մը վարչակարգը կը մնայ մենատիրոջ կամքին, այդ երկրին մէջ անխուսափելի կերպով կը հաստատուի բռնակալութիւնը: Այս եզրակացութեան կը յանգինք (թողունք պատմութեան բազմաթիւ օրինակները)` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդեգրած քաղաքականութիւնը դիտելով: Ան բացարձակ մենատէրն է իր հիմնած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան: Աւելի քան տասնհինգ տարիներ իշխանութիւն վայելող այդ կուսակցութիւնը, անշո՛ւշտ որ ունի վարչական եւ գործնական բազմաթիւ մարմիններ: Բայց այդ մարմիններուն հասարակաց եզրն է` հպատակի՛լ «Ռէիս»-ին (պետ): Ռէիսը ինք կը ճշդէ երեսփոխանները, նախարարները, խորհրդարանի նախագահը, նոյնի՛սկ` վարչապետը:

Երկարամեայ այս վարչաձեւը բնականաբար պիտի ունենար իր տխուր հետեւանքները: Պիտի դառնար սխալ օրինակ` երկրի զանազան փոքր հաւաքականութիւններուն համար: Ահա այդ տեսակի փոքրամասնութիւն մըն է Թուրքիոյ հայութիւնը: Անիկա, երկրի պայմաններուն բերումով, աւելի քան հարիւր տարի է, որ զրկուած է հեղինակութենէ: Հանրապետութեան պատմութեան ընթացքին դադրած է իր արդար իրաւունքը եւ բաժինը պահանջելէ: Գոհացած է իրեն շնորհուածով: Պետութեան գաւազանը միշտ գլխուն վերեւ տեսնելով` համակերպած է իրեն թոյլ տրուած սահմանին մէջ գոյութիւնը պահելու:

Այս հոգեբանութիւնը իւրացուցած տարրեր կը կազմեն պոլսահայուն տեսանելի երեսակը: Այդ տարրերը միանշանակ կը կազմակերպեն համայնքի ամէն մակարդակի վարչութիւնները: Կը կազմեն հոգաբարձութիւն, խնամակալութիւն, թաղականութիւն, հիմնադրամներ: Նոյնիսկ հասարակական կազմակերպութեան բնոյթ իբրեւ ակնկալուած միութիւնները, սեփական նախաձեռնութիւններ եղող մամուլը, միահամուռ կերպով կը ձեւաւորեն թրքահայ համայնքը:

Այդ համայնապատկերի մենատիրութեան կը յաւակնի Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը: Կը ներկայանայ Պոլսոյ մեծագոյն հաստատութեան վարիչ իբրեւ, ամբո՛ղջ համայնքի աշխարհական պետը: Այդ հանգամանքով իր վրայ իրաւունք կը տեսնէ նաեւ կրօնապետը ճշդելու: Յիշենք Պեքճեան սրբազանին ակնարկելով` «Եթէ զիս լսեր, հիմա պատրիարք էր» խօսքը:

Պետրոս Շիրինօղլու վերջերս դարձեալ կը զբաղեցնէ համայնքային օրակարգը: Խի՛ստ վիճելի առաջարկներ կը ներկայացնէ սպառնական ոճով: Ժողովուրդի հաւաքական հարստութիւնը կը գործածէ ի՛ր սեփականութեան պէս. («Եթէ նկատի չէք ունենար իմ առաջարկները` դահեկան մ՛իսկ չէք կրնար ստանալ ինձմէ»): Նշենք, որ այս նախադասութեան մէջ «ինձմէ» ըսուածը նոյնի՛նքն Ազգային հիւանդանոցին սնտուկն է:

Այս բոլորէն ետք, համայնքի պետի յաւակնութենէն տարուած` Շիրինօղլու նախորդ երկուշաբթի ալ վերջակէ՛տ դրաւ ՎԱՏԻՓ հարթակի աշխատանքներուն:

Նախագահ Էրտողանը վարչապետ Տաւութօղլուն պաշտօնանկ ընելէ ետք, իր շուրջինները նոր վարչապետէն ակնկալուած յատկութիւնը կը նկարագրէին «հեղինակութենէ զուրկ» սահմանումով: Ցաւալի՛ է, որ մեր համեստ համայնքի մեծագոյն դժբախտութիւնն ալ հեղինակութիւն չունեցող հոգաբարձուները, խնամակալութիւնները եւ թաղականութիւններն են: Եթէ այդպէս չըլլար, ապա յիշեալ ժողովի մասնակիցներէն գէթ մէկ անձ պիտի կարենար առարկել այս ամօթալի մենատիրութեան դիմաց: Գոնէ մէկը պիտի հարցնէր նման անպատշաճութեան հաշիւը:

Ներկայ դրութեան մէջ Պետրոս Շիրինօղլուի պատճառած ամօթը միայն իրմով սահմանուած չէ՛: Այդ ամօթին մէջ բաժին ունին այս համայնքին հեղինակութենէ զուրկ բոլոր տարրերը` ըլլան անոնք վարչական, մամուլի ներկայացուցիչ, հասարակական կազմակերպութիւն եւ մինչեւ իսկ այս բոլորին հանդէպ անտարբեր մնացող հասարակ անհատ:

«Ակօս»

pakrates@yahoo.com

1918-ի Հանրապետութիւնը. Խեղաթիւրուած Օրհնութիւն Մը Եւ Ոչ Իրականացուած Համանուագ Մը

0
0

Հարցազրոյցը վարեց ` ՖՐԱՆՔ ԿԱՅԱՐՏ
Համադրեց  ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

2018 մայիս ամսուան իր թիւին մէջ Փարիզի մէջ լոյս տեսնող (Nouvelles D՛Arménie Magazine) «Նուվել տ՛Արմէնի»-ն (ՆԱՄ)   Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով հարցազրոյց մը կ՛ունենայ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին (ՌՅ) հետ, որ 1971-1996 ժամանակաշրջանին չորս հատորներով տուած է մանրամասն պատմութիւնը Ա. հանրապետութեան: Ստորեւ` հարցազրոյցին թարգմանութիւնը:

ՆԱՄ.- Հայութեան ղեկավարները անակնկալի եկա՞ն Ռուսիոյ մէջ 1917-1918 տեղի ունեցած յեղաշրջումով եւ 1918 մայիս 28-ի Հայաստանի Ա. հանրապետութեան հռչակումով, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի անկախութիւններու հռչակումէն ետք:

ՌՅ- Գրեթէ ամբողջ աշխարհը եւ ազգեր անակնկալի եկան գլխապտոյտ պատճառող 1917-1918  դէպքերուն առջեւ: Հայութեան համար մասնաւորաբար վիճակը քաոսային էր, երբ ռուսական բանակները կը հեռանային Արեւմտեան Հայաստանէն: Իսկ խորհրդային իշխանութեան օրով ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը կը պարպուէր, ներառեալ` Կարսը, Արտահանը եւ Պաթումը: Թուրքիոյ  յառաջացող բանակը 1918-ին կը սպառնար նաեւ բնաջնջել Արեւելեան Հայաստանի հայութիւնն ալ, ինչպէս որ վարուած էր քանի մը տարի առաջ Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան հետ: Հայերը վերապահ էին անկախութիւն հռչակելու գաղափարին այն փոքր հողին վրայ, որ մնացած էր իրենց ձեռքը, վրացիներու եւ ազրպէյճանցիներու կողմէ հողերու բաժանումէն ետք: Այսպիսի ծանր վիճակի մէջ հայերը չէին համարձակեր անկախութիւն հռչակելու: Հայերու ազատագրական պայքարը մղուած էր Արեւմտահայաստանի հողերը ազատագրելու ուղղութեամբ եւ ոչ թէ Երեւանի հողամասին համար: Բայց Թիֆլիսի մէջ նստած Ազգային խորհուրդը ուրիշ ելք չունէր` բացի Հայաստանը անկախ յայտարարել է, միայն 8000 քառ. քիլոմեթր տարածութեան վրայ, որ պիտի քառապատկուէր 1919-ի գարնան, երբ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ պարտութեամբ վերջ կը գտնէր Համաշխարհային Ա. պատերազմը:

ՆԱՄ.- Հայկական պետական կողմնորոշումը աւելի դէպի Արեւմո՞ւտք կը թեքէր, թէ՞ ոչ աւելի ռուսական (ճերմակ ռուսերու) կողմը:

ՌՅ- Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին թուրքերու կողմէ հայերու կրած մեծ ողբերգութեան պատճառով Դաշնակից պետութիւններու համակրութիւնը կ՛երթար հայերուն: Անոնք կ՛ուզէին ստեղծել անկախ պետութիւն մը` միացնելով արեւմտեան եւ արեւելեան հայկական նահանգները, նոյն ատեն ծովու վրայ ելք մը տալով անոր: Գաղափարի տեսակէտով հայերը հեռու էին համայնավարութենէն եւ Խորհրդային Միութենէն, նոյնպէս ճերմակ ռուսերու հետ ալ ամէն ինչ սահուն չէր ընթանար: Վերջաւորութեան սահմանային հարցերը Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ, ինչպէս նաեւ Ղրիմի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող մեծաթիւ հայերու ներկայութիւնը կը յուշէին հայերուն, որ աւելի լաւ պիտի ըլլան Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելով: Նաեւ այն յոյսը կար, որ Խորհրդային Միութիւնը պիտի չկարենար երկար ատեն գոյատեւել: Վրաստանը, որ կը փորձէր լաւ յարաբերութիւն մշակել խորհրդային իշխանութեան հետ, վերջաւորութեան ճնշումի ու հալածանքի ենթարկուեցաւ պոլշեւիկներուն կողմէ: Յամենայն դէպս հետագային Վրաստան, Ազրպէյճան եւ Հայաստան ինկան Խորհրդային գերագոյն իշխանութեան տակ:

ՆԱՄ- Անդրկովկասեան դաշնակցութիւն մը հիմնելու ծրագիրը լաւ հետեւանքներ կրնա՞ր ունենալ Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի համար:

Ռ.Յ.- Իտէալական պիտի ըլլար, եթէ դաշնակցութիւն մը կամ համադաշնակցութիւն մը կազմուէր, որմէ պիտի օգտուէին Հարաւային Կովկասի երեք հանրապետութիւնները: Բայց փորձեր եղան, առաջին` ստեղծուեցաւ Սէյմը 1918-ի սկիզբը, ինչպէս նաեւ` 1922-ի դաշնակցութիւնը խորհրդային վարչակարգի տակ, որ տեւեց մինչեւ 1936: Եղածները ցոյց տուին, որ դաշնակցութիւնը կազմող կողմերու շահերը կը տարբերէին իրարմէ, ու վերջաւորութեան անոնք կը փլէին: Նոյնը կը պատահի աշխարհի ամէն կողմ եւ ամէն ժամանակ: Օրինակ` Եուկոսլաւիան, Չեխոսլաւաքիան, Սուտանը, Սպանիան, Պելճիքան: Այս օրերուն ամէնէն լաւ բանը պիտի ըլլար Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներու միջեւ լաւ յարաբերութիւն պահպանելը:

ՆԱՄ- Հայ քաղաքական կեանքի ընթացքը այս շրջանին կը գտնուէր Դաշնակցութեան ձեռքը, ան ի՞նչ ճամբայ կը փորձէր գտնել` գործակցելու իր մրցակիցներուն հետ: Աւելի բաց քաղաքականութեա՞ն կը հետեւէր երկրի կառուցման աշխատանքին մէջ, թէ՞  մենատիրական ձեւով կը գործէր:

Ռ.Յ.- Դաշնակցութիւնը 20-րդ դարու սկիզբէն հայկական իրականութեան մէջ իշխող կուսակցութիւն մըն էր: Ան ունէր կարելիութիւնը եւ երբեմն անհրաժեշտ պատրաստութիւնը` կառավարելու առանձին, բայց մեծ դժուարութիւններու դիմաց էր 1918-1920 տարիներուն ու ստիպուած եղաւ նկատի առնել հայութեան միւս կազմակերպութիւններու աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը, նոյնիսկ` Ազգային խորհուրդի կազմութեան ատեն:  Վերջաւորութեան ան էր, որ պիտի հռչակէր Հայաստանի անկախութիւնը եւ հետագային կառավարութիւն պիտի կազմէր: Դաշնակցութիւնը ստիպուած եղաւ ներառել անդամներ միւս կուսակցութիւններէն` թէ՛ Ազգային խորհուրդի մէջ եւ թէ՛ կառավարութեան մէջ, ինչպէս` Ժողովրդային լիպերալ կուսակցութենէն եւ ուրիշներէն, որոնց մէջ կային արհեստավարժ մարդիկ, դրամատան տնօրէններ, փաստաբաններ, ելեւմտագէտներ, առեւտրականներ, մտաւորականներ, միջին դասակարգ. ոմանք ունէին լաւ յարաբերութիւններ Արեւմուտքի երկիրներու հետ, ինչպէս` Պօղոս Նուպար Փաշան Փարիզի մէջ: Բայց 1920-ի գարնան Դաշնակցութեան Բիւրոն ձեռք առաւ իշխանութիւնը ամբողջութեամբ, Ռուբէն Տէր Մինասեանի ղեկավարութեամբ, ճնշելու համար պոլշեւիկեան ապստամբութիւնը: Ճիշդ այս ժամանակ Կարմիր բանակը արդէն մտած էր Ազրպէյճան: Նոյն ատեն Հայաստանի հարաւը գտնուող ոչ հայերու ըմբոստութիւնը ճնշելու հարցը կար: 1920 սեպտեմբեր, դեկտեմբեր ամիսներուն թուրքերու հետ կռիւի ժամանակ Դաշնակցութիւնը դիմեց փոքր կուսակցութիւններու օգնութեան, բայց կարճ ժամանակ մը վերջ արդէն իշխանութիւնը անցաւ Համայնավար կուսակցութեան ձեռքը :

ՆԱՄ- Հայաստանի կառավարութիւնը գլխաւոր ի՞նչ քայլերու դիմեց արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան ուղղութեամբ, 20 ամիսներու անկախութեան ժամանակաշրջանին :

ՌՅ- Արտաքին քաղաքականութեան ուղիով` Հայաստան որդեգրած էր բարեկամական կապերու հաստատումը արեւմտեան երկիրներուն հետ, մանաւանդ` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, բարւոք լուծում մը գտնելու համար Հայկական հարցին: Դիւրին գործ մը չէր, քանի որ Հայաստանը շահարկելի գրաւիչ աղբիւրներ չունէր այդ երկիրներուն համար, ան կը պայքարէր բարոյական եւ մարդկային գետնի վրայ: Այս շրջանին հայկական պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական առաքելութիւնը, աշխարհի չորս ցամաքամասերու մէջ, Հայկական հարցին շուրջ հետաքրքրութիւն ստեղծելն էր: Ի վերջոյ Սեւրի դաշնագրով դաշնակիցները համաձայն գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան կցել Տրապիզոնի, Էրզրումի, Պիթլիսի եւ Վանի նահանգները, որոնք Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան տակ կը գտնուէին: Բայց դաշնակից երկիրներէն ոչ մէկը յանձն առաւ զինուորապէս օգնելու այդ հողամասերէն թրքական բանակը վտարելու ու զանոնք Հայաստանի Հանրապետութեան հողերուն կցելու աշխատանքին: Արդիւնք` երկրին ներքին վիճակը,  որ շատ տխուր էր, սովը, տասնեակ հազարներով որբեր պիտի կերակրուէին ու անոնց հագուստ պիտի հայթայթուէր: Պէտք է ըսել, որ ամերիկեան Նիր իսթ Ռիլիֆ բարեսիրական կազմակերպութիւնը  մեծապէս օգտակար եղաւ այս ուղղութեամբ եւ երկրէն դուրս գտնուող հայկական կազմակերպութիւներու միջոցով օգնութեան սկսաւ հասնիլ: 1920-ին հողագործութիւնը սկսաւ թափ առնել առաջին անգամ, 1914-էն իվեր: Բազմաթիւ հարցեր պէտք էր լուծուէին: Կար նաեւ որոշ մարդոց կողմէ երկիրը թալանելու փորձեր (ցարական չինովիկներ), պետութեան կառոյցը կազմակերպելու հարցեր,  խորհրդարանի անդամներու ընտրութիւն, երկրի ծայրամասերուն զանազան շրջաններու մէջ կազմակերպչական աշխատանքներ կը պակսէին: Կրթական վիճակը հետզհետէ սկսած էր բարելաւուիլ: Տեղի կ՛ունենան Երեւանի համալսարանի հիմնարկէքը, արդարադատութեան նախարարութեան կազմութեան աշխատանքներ, հայոց լեզուի պետականացում:

ՆԱՄ- Ցեղասպանութենէն երեք տարի ետք հայկական հանրապետութեան ստեղծումը յաջողութի՞ւն մըն էր, թէ՞ ձախողութիւն:

ՌՅ- Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը կարելի է համարել խեղաթիւրուած օրհնութիւն մը եւ կամ` չիրականացուած համանուագ մը: Այն նպատակակէտը, որ ունէր Դաշնակցութիւնը` ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի ստեղծումը, օրուան ծանր պայմաններու պատճառով  իր սաղմին մէջ ոչնչացաւ: Շատ նախաձեռնութիւններ, որոնք սկսած էին, խորհրդային իշխանութեան հաստատումով մոռցուեցան: Սակայն Ա. Հանրապետութիւնը հակառակ իր ունեցած դժուարութիւններուն` օրին  տեղադրուեցաւ աշխարհի քարտէսին վրայ, եւ ան դարձաւ խորհրդանիշ մը` սփիւռքի հայութեան յաջորդական սերունդներուն, որոնք միշտ ալ պահեցին անկախ հայրենիքի մը հաւատքը: Յեղափոխականներու կողմէ սա երազուած հայրենիքը չէր եւ հեգնական էր, որ խորհրդային Հայաստանի հողային տարածութիւնը միայն կէսն էր 1918-1920 շրջանին ունեցածին: Բայց ան մնաց սիրելի ամբողջ հայութեան համար` սպասելով հետագային իրականացուելիք երազներուն:

ՆԱՄ- Ի՞նչ նմանութիւն եւ տարբերութիւն կայ 1918-1920 թուականի Հայաստանին եւ այս օրուան մեր ունեցածին մէջ:

ՌՅ- Իրականութեան մէջ բաւական նմանութիւն կայ երկու հանրապետութիւններուն միջեւ: Երկու հանրապետութիւններն ալ շրջապատուած են թշնամիներով, տնտեսական դժուարութիւն` երկուքին համար, սահմաններու վրայ արիւնահեղութիւն, աշխատաւոր դասակարգի տնտեսական վատ վիճակ, սփիւռք-հայրենիք փոխյարաբերութեան կանոնացման ու զարգացման պակաս: Բայց կայ նաեւ տարբերութիւն` երկու հանրապետութիւններու միջեւ: Յետխորհրդային իշխանութեան` ներկայ անկախ հանրապետութիւնը արդէն 25 տարուան կեանք ունի, ներկայ Հայաստանը անդամ է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան: Շատ մը միջազգային հաստատութիւններու հետ կապ հաստատած է, ամէնէն կարեւորը` ան ժառանգած է նախկին խորհրդային շրջանէն բաւական լաւ  ենթակառոյց մը, որ գոյութիւն չունէր նախկին հանրապետութեան ժամանակ: Ա. Հանրապետութեան օրերուն շատ կարճ ժամանակին մէջ  կազմակերպչական եւ զարգացման մեծ քայլեր կ՛առնուէին: Մինչդեռ այսօրուան հանրապետութիւնը, որ շատ աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ կը ստեղծուէր, սկզբնական շրջանին տնտեսական ընկերային քաոսի կը վերածուէր, բայց հետագային հետզհետէ կը սկսէր ինքզինք բարելաւել: Այդ քաոսային  շրջանին էր, որ տեղի ունեցաւ զանգուածային արտագաղթ հայրենիքէն: Ա. Հանրապետութեան շրջանին բազմաթիւ պետական մարդիկ, նախարարներ պէտք եղած ուսումն ու պատրաստութիւնը չունէին, բայց իրենց նուիրումը հայրենիքին անգնահատելի էր, անոնք կ՛ապրէին ու կը մեռնէին ժողովուրդին հետ ու հեռու էին անձնական շահարկումներէ: Սա սերունդ մըն էր` իտէալապաշտ ու տեսիլք ունեցող:

Մաղթանքս է, որ ներկայ սերունդն ալ ունենայ նոյնպիսի իտէալապաշտ տեսիլք ունեցող մարդիկ, որոնք երկիրը դնեն ճիշդ ճամբուն վրայ` առնելով գործնական քայլեր, երկիրը բարելաւելու 100 տարուան ընթացքին ժառանգուած անհարթութիւններէն:

 

 

Նիկոլ Փաշինեան. «Անկախ Պետութիւնը Իւրաքանչիւր Ազգային Երազանք Ի Կատար Ածելու Անհրաժեշտ Նախապայմանն Է»

0
0

Ստորեւ կը ներկայացնենք 28 մայիսին Սարդարապատի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շնորհաւորական ուղերձը` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին առիթով:

Ուղիղ 100 տարի առաջ այս օրը` 1918 թուականի մայիսի 28-ին, հայ ժողովրդի պատմութեան մէջ տեղի ունեցաւ աննախադէպ մի իրադարձութիւն. մեր իրականութեան մէջ առաջին անգամ հիմնադրուեց պետութիւն, որտեղ իշխանութիւնը պատկանում էր ոչ թէ թագաւորին, ոչ թէ իշխաններին, այլ իշխանութիւնը պատկանում էր ժողովրդին, քաղաքացիներին, եւ այդ պատճառով այդ պետութիւնը կոչուեց հանրապետութիւն` Հայաստանի Հանրապետութիւն: Ու քանի որ մեր ժողովրդի պատմութեան մէջ նման բան նախկինում երբեք չէր եղել, այդ պետութիւնը կոչում ենք նաեւ Առաջին Հանրապետութիւն:

Իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ հայ ժողովուրդը ոչ թէ հպատակ էր, այլ` քաղաքացի, ոչ թէ ծառայ էր, այլ` տէր: Եւ սա ճակատագրական շրջադարձ էր: Ի հարկէ, դա առայժմ միայն իրաւական կարգավիճակի փոփոխութիւն էր, բայց այս կարգավիճակը հայ ժողովուրդը ոչ թէ նուէր ստացաւ ինչ-որ մէկից, այլ նուաճեց քրտինքով ու արիւնով: Բաշ Ապարանում եւ Սարդարապատում տարաւ իր պատմութեան փառահեղ յաղթանակներից` ջախջախելով թուրքական զօրամիաւորումներին, եւ այդ յաղթանակի թագն ու պսակը դարձաւ Ա. Հանրապետութեան հռչակումը: Հերոսական այս ճակատամարտերի պատմութիւնն աներեւակայելի է: Ինչպէ՞ս, այդ ինչպէ՞ս կարողացաւ ցեղասպանութեան ենթարկուած, սրի քաշուած, թալանուած ու ոչնչացման եզրին կանգնած հայ ժողովուրդը յաղթել թուրքական բանակին: Արդեօ՞ք դրա համար կային սոցիալ-տնտեսական, ռազմաքաղաքական նախադրեալներ: Ո՛չ եւ երի՛ցս ոչ: Պրագմատիզմի եւ սառը հաշուարկի տեսակէտից հայ ժողովուրդը չունէր յաղթելու ոչ մի շանս, ոչ մի հնարաւորութիւն, բայց մենք յաղթեցինք, որովհետեւ սթափեցնող մի արթնացումով հասկացանք, որ մեր էութիւնն անապատներ քշուելն ու կոտորուելը չէ, որ` մեր երակներով հոսում է Մեսրոպ Մաշտոցի արիւնը, մեր երակներով հոսում է Արտաշէս արքայի արիւնը, մեր երակներով հոսում է Վարդան Մամիկոնեանի արիւնը:

Հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ իր պատմութեան վերջին չորս հարիւր տարում առաջին անգամ յոյսը դրեց ոչ թէ ուրիշների, այլ ինքն իր վրայ: Հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ հասկացաւ, որ ազգային պետութիւնն է ինքնութեան ու արժանապատուութեան միակ երաշխիքը, որ մեզ` քաղաքացիներիս պատկանող պետութիւնն է միայն, որ կարող է ապահովել մեր իրաւունքը, մեր անվտանգութիւնն ու ապագան: Մենք հասկացանք, որ ազգային որեւէ երազանք հնարաւոր չէ ի կատար ածել` առանց պետութիւն ունենալու, ինքնիշխանութիւն ունենալու, անկախութիւն ունենալու: Եւ անկախ պետութիւնը իւրաքանչիւր ազգային երազանք ի կատար ածելու առաջին անհրաժեշտ նախապայմանն է: Հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ ունէր Արամ Մանուկեանի պէս նուիրեալ առաջնորդ, ով պատրաստ էր ոչ թէ զոհել եւ վայելել իշխանութեան բարիքները, այլ կրել զրկանքներ եւ զոհուել յանուն սեփական ժողովրդի, ով պատրաստ էր յանուն իր ժողովրդի կռիւ տալ մինչեւ կեանքի վերջին վայրկեանները: Հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ ունէր այնպիսի զօրահրամանատարներ, ինչպէս` Թովմաս Նազարբէկեանը, Դրոն, Մովսէս Սիլիկեանը, Դանիէլ Բեկ Փիրումեանը: Հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ որոշեց յաղթել: Հայ ժողովուրդը յաղթեց եւ դրանից յետոյ հայ ժողովուրդը յաղթել է բոլոր այն դէպքերում, երբ որոշել է, որ պէտք է յաղթի, երբ հաւատացել է` ինքն իրեն, իր մտքին, իր բազկին, իր անցեալին եւ ապագային:

Սիրելի՛ բարեկամներ,

Սա է մեր ժողովրդի յաղթանակի բանաձեւը. մենք յաղթել ենք եւ յաղթելու ենք բոլոր այն դէպքերում, երբ որոշենք յաղթել, երբ մեր յոյսը դնենք մեր եւ ոչ թէ ուրիշների վրայ, երբ չընկրկենք որեւէ դժուարութեան առաջ, երբ սիրենք, անսահման սիրենք մեր հայրենիքն ու միմեանց, երբ չփորձենք մեր նեղ անձնական շահերը կապել սեփական ժողովրդի եւ պետութեան վզին, երբ իւրաքանչիւր քաղաքացի գիտակցի, որ տէր է սեփական երկրում, ոչ թէ` հպատակ, երբ տիրոջ այդ զգացումն իրաւունք չէ միայն, այլեւ` պարտականութիւն, այլեւ` պարտաւորութիւն, երբ հայրենիքի ամէն անկեան վերաբերուենք խանդաղատանքով, երբ մէկս միւսիս վերաբերուենք յարգանքով, համբերութեամբ ու արժանապատուօրէն:

Հէնց այսպէս Սարդարապատի յաղթանակից ուղիղ հարիւր տարի անց` 2018 թուականի ապրիլ-մայիսին հայ ժողովուրդը տարաւ իր հերթական փառահեղ յաղթանակը` սեփական իշխանութիւնը հաստատելով սեփական հայրենիքում: Այդ յաղթանակը նոյնքան անհնար էր թւում, եւ շատերը մինչեւ օրս հարց են տալիս, թէ ինչպէ՛ս դա պատահեց եւ ինչո՛ւ: Պատասխանը հետեւեալն է. հայ ժողովուրդը հերթական անգամ յոյսը դրեց իր  եւ ոչ թէ ուրիշների վրայ, հայ ժողովուրդը հաւատաց ինքն իրեն, վստահեց իր ուժերին եւ ապագային: Հայ ժողովուրդը պիտի յաղթէր, որովհետեւ իր երակներւմ հոսում է Սարդարապատի ու Բաշ Ապարանի հերոսների արիւնը, Արամ Մանուկեանի արիւնը, Թովմաս Նազարբէկեանի արիւնը, Մովսէս Սիլիկեանի արիւնը, Դանիէլ Բեկ Փիրումեանի արիւնը:

Սիրելի՛ ժողովուրդ,

Ա. Հանրապետութիւնն ընդամէնը երկու տարուայ կեանք ունեցաւ, բայց Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերը անհեռանկար գործերով չէին զբաղւում, այլ հայոց նոր պետականութեան հիմքերն էին դնում: Միայն Ա. Հանրապետութեան գոյութեան շնորհիւ էր, որ Հայաստանը Խորհրդային Միութեան կազմում ընդգրկուեց որպէս լիարժէք միութենական հանրապետութիւն: Եւ միայն այս կարգավիճակի շնորհիւ էր, որ Հայաստանը կարողացաւ անցնցում դուրս գալ ԽՍՀՄ կազմից եւ ստանալ միջազգայնօրէն ճանաչուած անկախ երկրի կարգավիճակ: Ասել է թէ` Ա. Հանրապետութեան հիմնադրումը պսակուեց Գ. Հանրապետութեան հռչակմամբ, փառաւորուեց արցախեան պատերազմում մեր ժողովրդի տարած յաղթանակով եւ աշխարհահռչակուեց ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեամբ: Եւ ահա հայ ժողովուրդը, Հայաստանի քաղաքացին այսօր տօնում է Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը: Եւ հայ ժողովուրդը, Հայաստանի քաղաքացին ապրում է քաղաքացիական պատմութեան ամենափառապանծ էջը, երբ երկրում հաստատուած է ժողովրդի անշրջելի իշխանութիւն: Եւ այլեւս երբեք, այլեւս երբեք ոչ ոք չի համարձակուի բռնանալ ժողովրդի կամքի վրայ, այլեւս երբեք ոեւէ մէկը չի համարձակուի ժողովրդին նուաստացնել ընտրակաշառքի, վարչական հարկադրանքի կամ որեւէ այլ միջոցով: Հայ ժողովրդի վերածնունդն ու թռիչքը կասեցնելու, ժողովրդի յոյսն ու լաւատեսութիւնը կոռուպցիայի ու ամենաթողութեան մէջ խեղդելու ցանկացած փորձ, ցանկացած փորձ կ՛արժանանայ ջախջախիչ հակահարուածի: Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան յաղթական քաղաքացին այլեւս երբեք թոյլ չի տայ պետականութեան կամ քաղաքացիութեան կորուստ, ինքնիշխանութեան եւ իրաւունքի կորուստ, հաւատի եւ լաւատեսութեան կորուստ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը երկիր մոլորակի վրայ պէտք է գոյութիւն ունենայ յաւիտեան, Հայաստանի դրօշը պէտք է յաւիտեան ծածանուի` խորհրդանշելով մեր ոգին ու հպարտութիւնը, մեր ազատութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Եւ մեզ համար այսօր պատմական, աննախադէպ հնարաւորութիւն է ստեղծուել դառնալ մեր ժողովրդի հազարամեայ ցաւերի դարմանողը, անփարատելի սգի ամոքիչը, դարաւոր երազանքների իրականացնողը: Եւ ժամանակակից սերունդը` որպէս Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերի, Բաշ Ապարանի ու Սարդարապատի հերոսների ժառանգներ, պարտաւոր է ստանձնել եւ ստանձնում է պատմական այդ առաքելութիւնը: Եւ ուրեմն`

Կեցցէ՛ հայ ժողովրդի յաղթանակների մայիսը,
Կեցցե՛ն Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի, Սարդարապատի հերոսները,
Կեցցե՛ն Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերը, եւ ուրեմն`
Կեցցէ՛ ազատութիւնը,
Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը,
Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը,
Կեցցե՛նք մենք ու մեր երեխաները, որ ապրում ենք ու շարունակելու ենք ապրել ազատ եւ երջանիկ Հայաստանում:

Սիրելի՛ ժողովուրդ,
Սիրելի՛ զինուորներ, սպաներ,

Շնորհաւորում եմ բոլորիս Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտի 100-ամեակի առիթով:

Փա՛ռք Հայաստանի Հանրապետութեանը,
Փա՛ռք Հայաստանի զինուած ուժերին:
Ուռա՛:

Ազրպէյճանական Լուացքատան» Գաղտնի Ծրագիրով 1,5 Միլիոն Տոլար Վճարուած Է Ամերիկեան Լոպիստական Ընկերութեան

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծի (OCCRP) համացանցային կայքը անցեալ շաբաթ բացայայտեց հաւանաբար ապօրինի լոպիինկ Միացեալ Նահանգներու մէջ, որ նիւթական աջակցութիւն ստացած է ազրպէյճանական աղբիւրներէ:

2018 մայիս 23-ին, հետաքննող լրագրող Ճոնի Ռէյթ տեղեկացուց, որ` «դրամին մէկ մասը, որ փոխանցուած է «ազրպէյճանական լուացքատան» գաղտնի ծրագիրով եւ ապօրինի հիմնադրամին միջոցով, որով 2012-2014 թուականներուն ինկած ժամանակահատուածին` երկրէն արտահոսած է 2,9 միլիառ տոլար, կ՛ենթադրուի, որ յայտնուած է ազրպէյճանական կազմակերպութեան ձեռքը, որ Վիրճինիա նահանգին մէջ մէկ տասնամեակէ աւելի վարձած է ընկերութիւն մը` Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան լոպիինկ ընելու համար»:

OCCRP-ը նախապէս հաղորդած էր, որ` «հիմնադրամէն գումարներ օգտագործուած են Ազրպէյճանի կառավարութեան քաղաքական օրակարգի յառաջխաղացման համար, իսկ մէկ մասն ալ յայտնուած է եւրոպական քաղաքական գործիչներուն պատկանող դրամատնային հաշիւներուն մէջ, որոնք բարձր գնահատած են նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ անոր կողմէ կը ձերբակալուէին լրագրողներ եւ քաղաքական գործիչներ: Դրամական միջոցներու իրական ծագումը անյայտ է եւ թաքնուած է գաղտնի կեղծ ընկերութիւններու ետին: Սակայն կան բաւարար ապացոյցներ, որ անոնց ետին կանգնած է մենատիրական երկրի իշխող վերնախաւը»:

Անցեալ շաբաթ OCCRP-ը յայտնեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ ստեղծուած երկու կեղծ ընկերութիւնները «աւելի քան մէկուկէս միլիոն տոլար փոխանցած են Պաքուի խորհրդաւոր «Ռենեսանս» Associates անունով կազմակերպութեան մը», որ իր հերթին վարձած է «ամերիկեան ընկերութիւն մը` Ազրպէյճանը գովաբանելու նպատակով եւ իր ներկայացուցիչները ունեցած է, որոնք հազարաւոր տոլարներու քարոզչական նուիրատուութիւններ ըրած են, ներառեալ` ծերակուտականներուն եւ ներկայացուցիչներուն, որոնք նստած էին արտաքին օգնութեան պիւտճէները որոշող յանձնաժողովներու մէջ»:

Այս ծրագիրին կեդրոնը` Էլխան Սուլէյմանովը, որ` «կը ղեկավարէ» վարչակարգին նուիրուած կազմակերպութիւն մը Պաքուի մէջ, եւ որ կարծես թէ ձեռք-ձեռքի տուած` կ՛աշխատի «Ռենեսանս»-ի հետ, նոյնիսկ օգտագործելով միեւնոյն գրասենեակային տարածքը… Այլ գումարներ վճարուած են նախագահ Ալիեւի հետ սերտ կապեր ունեցող քարիւղի եւ կազի հարցերով ազդեցիկ խորհրդատուի մը, որ կը ներկայացնէ գաղթականի յաջող պատմութիւն եւ կ՛ապրի Օհայօ նահանգի Տէյթըն քաղաքին մէջ, նոյն այն ժամանակ, երբ ան եւս լոպիինկ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան իր հայրենիքին անունով»:

Համաձայն OCCRP-ի, Metastar Invest-ը եւ Hilux Services-ը երկու անդրծովեան ընկերութիւնները 1,7 միլիոն տոլար ընդհանուր գումարով 18 վճարում կատարած են «Ռենեսանս» Associates S.A.-ին 2012 սեպտեմբերէն մինչեւ 2014 դեկտեմբեր երկարող ժամանակահատուածին` Լիխթէյնշթայնի մէջ գտնուող Volksbank AG եւ Զուիցերիոյ մէջ գտնուող Privatbank IHAG Zurich AG դրամատուներու երկու առանձին դրամատնային հաշիւներէն: Վիրճինիա նահանգի Ալեքսանտրիա քաղաքին մէջ գտնուող Bob Lawrence & Associates (BL&A) լոպիիստական ընկերութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւն ներկայացուած հաշուետուութեան մէջ ցոյց տրուած է, որ ան «Ռենեսանս»-էն ստացած է 1,5 միլիոն տոլար, որ գրեթէ հաւասար է այն գումարին, որ ազրպէյճանական կեղծ ընկերութիւնները փոխանցած են «Ռենեսանս»-ին` BL&A-ի միակ միջազգային յաճախորդին:

2004-էն սկսեալ BL&A-ը զբաղած է նախագահ Ալիեւի այցով Սպիտակ տուն, իսկ երեք տարի անց կազմակերպած է նախագահ Օպամայի քարոզարշաւի նախկին ղեկավար Տէյվիտ Փլուֆի այցը Պաքու եւ հանդիպումը` ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու հետ: BL&A-ը նաեւ լոպիինկ ըրած է` Ազրպէյճանին Միացեալ Նահանգներու ռազմական յատկացումներ կատարելու համար, ընդդէմ Արցախի, եւ Ազրպէյճանէն դէպի Թուրքիա քարիւղամուղի համար: 2008-2016 թուականներուն BL&A-ի նախագահ Պոպ Լորենսը ելոյթ ունեցած է Ներկայացուցիչներու տան պետութեան, արտաքին գործառնութիւններու եւ յարակից ծրագիրներու յատկացումներու ենթայանձնաժողովին առջեւ` առաջարկելով օտարերկրեայ օգնութիւն տրամադրել Ազրպէյճանին: Իր վկայութեան մէջ Լորենսը Հայաստանը անուանած է «աւազակապետութիւն… յստակօրէն պաշտպանելով յանցագործները», եւ որ կը խախտէ մարդու իրաւունքները:

Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան զեկոյցներուն մէջ կը նշուի, որ BL&A-ն 2015-ին 250 հազար տոլար վճարած է Crane Group-ին` Ազրպէյճանի անունով վարձելու համար: Միեւնոյն ժամանակ BL&A-ը պայմանագիր կնքած է նախկին քոնկրեսական Սոլոմոն Օրթիզի (դեմոկրատ, Թեքսաս) եւ անոր Solomon P. Ortiz Holdings LLC ընկերութեան հետ, որպէսզի լոպիինկ ընէ ի նպաստ Ազրպէյճանի:

OCCRP-ը նաեւ տեղեկացուցած է, որ` «2012- 2015 թուականներուն իբրեւ լոպիստ արձանագրուած անձեր, ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն գործելով «Ռենեսանս»-ի անունով, հազարաւոր տոլարներ նուիրաբերած են քաղաքական թեկնածուներու, ներառեալ` ծերակուտականներու եւ ներկայացուցիչներու, որոնք ժամանակին նստած էին յատկացումներու ենթայանձնախումբերու մէջ կամ կը ղեկավարէին զանոնք»:

Զարմանալիօրէն եւ հաւանաբար ապօրինի կերպով BL&A-ն Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան մէջ չէ արձանագրուած իբրեւ լոպիստ` Ազրպէյճանի համար: Իր համացանցային կայքին մէջ BL&A-ը կը նշէ, որ` «ան չ՛աշխատիր, չի զեկուցեր կամ ուղղութիւն չի ստանար Ազրպէյճանի կառավարութենէն կամ ազրպէյճանական կառավարութեան ոեւէ անդամէ»: OCCRP-ը յայտարարած է, որ` «2005 թուականին` «Ռենեսանս»-ի հետ աշխատանքը սկսելէ մէկ տարի անց, Ազրպէյճանի «Թուրան» անկախ լրատուական գործակալութիւնը հաղորդած է, որ նամակ ստացած էր, որով «Ռենեսանս»-ը ճանչցուած էր իբրեւ լոպիստական կազմակերպութիւն, որ կը ներկայացնէր Ազրպէյճանի կառավարութիւնը Ուաշինկթընի մէջ»:

Աւելի՛ն. «Առնուազն 2006 եւ 2008 թուականներուն BL&A-ի կայքը իբրեւ իր յաճախորդ` աւելի շուտ թուարկած էր Ազրպէյճան երկիրը, քան` «Ռենեսանս»-ը: 2012 մայիսին BL&A-ը համաձայնած է ներկայացնել Ազրպէյճանի դեսպանատունը եւ ատիկա բացայայտել` համաձայն FARA-ի («Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան մասին» օրէնքի), նախքան արձանագրութիւնը արագ չեղեալ յայտարարելը` պնդելով, թէ որեւէ ծառայութիւն չէ իրականացած եւ որեւէ գումար չէ ստացած»:

BL&A-ի կայքը կ՛ընդունի, որ կը համագործակցի Ազրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման ընկերակցութեան (ACSDA) հետ, որ Պաքուի մէջ գործող կառավարամէտ կազմակերպութիւն է եւ կը ղեկավարուի Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Էլխան Սուլէյմանովի կողմէ: Համաձայն BL&A-ի կայքին, «Ռենեսանս»-ը «կ՛աջակցի եւ կը սնուցանէ ACSDA-ը: Երկու կազմակերութիւնները կը գտնուին Պաքուի միեւնոյն յարկաբաժինին մէջ»: OCCRP-ը տեղեկացուցած է նաեւ, որ` «Երբ 2016 ապրիլին ACSDA-ը ստորագրած է եռամսեայ պայմանագիր ամերիկեան Greenberg Traurig լոպիստական ընկերութեան հետ, ընկերութեան` FARA-ին ներկայացուցած դիմումը ցոյց կու տայ, որ ամսական 25 հազար տոլար վճարումները կատարուած են «Ռենեսանս»-ի կողմէ»:

OCCRP-ի ծաւալուն զեկոյցը կը բացայայտէ բազմաթիւ այլ լոպիստական գործողութիւններ, որոնք նիւթական աջակցութիւն ստացած են այս գաղտնի եւ ապօրինի հիմնադրամին կողմէ: Այս բոլոր աշխատանքները պէտք է ներկայացուին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին` պահանջելով մանրակրկիտ հետաքննութիւն: Դատական հայց պէտք է ներկայացուի ընդդէմ BL&A-ի` արգելափակելու անոր չարձանագրուած լոպիստական արշաւները…

Թարգմանութիւնը կատարեց
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

 

Անկարկ. Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Ընթացիկ Եւ Արտակարգ Օրէնքներու Ամրագրման Անհրաժեշտութիւնը

0
0

Նախագահ Աունի կողմէ ստորագրուած հրամանագիրը` արաբ գործարարներու լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու, քաղաքական գայթակղութիւն ստեղծած ըլլալու մթնոլորտ յառաջացուցած է: Հրամանագիրը համաստորագրուած է վարչապետին եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնին կողմէ:

Քաղաքական, հասարակական եւ տեղեկատուական մակարդակներու վրայ յառաջացած բողոքները եւ քաղաքացիութիւն ծախելու յայտարարողական մեղադրանքները իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են որոշումը եթէ ոչ չեղեալ յայտարարելու, այլ այս պահու դրութեամբ առկախելու եւ գործարարներու ինքնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պահանջելու Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու բաժանմունքէն:

Քաղաքացիութիւն շնորհելու հրամանագիրը սահմանադրական իրաւադրոյթներ ունի եւ որեւէ ձեւով նախագահը հակասահմանադրական քայլ առած ըլլալու իրավիճակին մէջ չի գտնուիր: Խնդիրը, որ սուր զգայնութիւններու բախած է, առաւելաբար քաղաքական ենթահող ունի անշուշտ:

Նախ շուրջ տասը հազար դիմում` լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստանալու, կը սպասեն իրաւական ընթացակարգի մէջ մտնելու. այժմ ընտրովի երեք հարիւր վաթսուն գործարար միանգամայն կը ստանան քաղաքացիութիւն:

Ընտրովիներու խմբակի հասարակ յայտարարը անոնց գործարար հանգամանք ունենալն է, ուրեմն շեշտը այս պարագային ֆինանսատնտեսական շարժառիթին կը վերաբերի հիմնովին: Առկախումի հիմնաւորումը, որ պաշտօնապէս հրապարակուած է, կը վերաբերի անոնց քաղաքական հակումներուն, այլ խօսքով` պաշտօնական Դամասկոսի եւ վարչակարգի անմիջականօրէն մօտ շրջանակի մաս կազմած ըլլալուն:

Զուտ ֆինանսատնտեսական մօտեցումի վերլուծումը կը կեդրոնանայ բնականաբար լիբանանեան դրամատուներուն մէջ նոր մեծագումար շրջանառութիւններ ապահովելու եւ իբրեւ լիբանանցիներ այլեւս համաարաբական գումարներ լիբանանեան տարբեր ոլորտներու շուկաներուն մէջ հսկայական ներդրումներ ապահովելու նոր կարելիութիւններուն վրայ:

Բայց այստեղ Լիբանան է եւ հանրային կարծիքը շատ արագ կը դիրքորոշուի, որ առաջադրուածը ոչ թէ անպայման երկրի ֆինանսատնտեսական ոլորտի կայացման եւ զարգացման կը վերաբերի, այլ նախագահի անմիջական շրջանակի ստուերային գումարներու բարձր կուտակումներուն:

Քաղաքացիութիւն ծախելու մեղադրանքը, որ գրաւած է նաեւ լիբանանեան մամուլի էջերու առաջին հորիզոնականը, պէտք է ըսել, որ զուտ լիբանանեան երեւոյթ չէ:  Ներդրումներ քաջալերելու, կալուածներու առք ու վաճառքը շարժունակ պահելու եւ անշարժ գոյքերու գնային կայունութիւնը պահպանելու համար Եւրոպական Միութեան երկիրներ իրար ետեւէ նոյն միջոցին դիմած են. տեղւոյն վրայ ժամանակաւոր կեցութեան յատուկ կարգավիճակ կը ստանան այն օտարերկրացիները, որոնք եւրոպական տուեալ երկրին մէջ որոշ նուազագոյն սակագինի դիմաց կալուածատէր կը դառնան. անկէ ետք անմիջապէս կը սկսի քաղաքացիութիւն ստանալու ընթացակարգը պարզեցուած, արագ կարգով: Միայն կալուածատէր դառնալը չէ այն միջոցը, որ նման փաստաթուղթերու տիրացման կ՛արժանացնէ օտարազգին: Սահմանուած ժամանակի համար քարացած որոշուած գումար տուեալ երկրի դրամատան մէջ պահ դնելու դիմաց միեւնոյն առանձնաշնորհումներուն կ՛արժանանայ օտարերկրացին: Վիճակագրական որեւէ ուսումնասիրութիւն կրնայ արագ նկատել, որ արաբական շրջանակներէ որքան գումարային հոսք կատարուած է դէպի Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ կամ այլուր ճգնաժամային երկիրներու քաղաքացիութեան առընթեր միջազգայնօրէն ընդունելի անցագիրներ ստանալու, ներդրումային եւ շրջագայութեան անարգելութիւն ձեռք ձգելու համար:

Հիմա գայթակղութեան մթնոլորտի յառաջացման ճիգերուն առընթեր կ՛արժէ մտածել նաեւ, որ եթէ արաբական գործարար շրջանակներու համար Լիբանանը եւս իր ներդրումային դաշտով եւ անցագրային ընդունելիութեամբ կը նկատուի  անցագիր շնորհող երկիրներու շարքին, այդ կը նշանակէ միջազգայնօրէն ընկալուած կայունութիւն եւ եթէ ոչ նոյն յարաբերութեամբ, բայց ի վերջոյ անցագրային յարգելիութիւն:

Լիբանանեան օրէնսդիր դաշտը քայլ ունի կատարելիք: Քաղաքացիութիւն շնորհելը ունի միջազգային կենսափորձ` համապատասխան օրէնսդրութեամբ: Քաղաքացիութեան դիմելու պայմանները, ընթացակարգը, ամբողջացնելիք տուեալները, թէ՛ ընթացիկ եւ թէ՛ արտակարգ դրութիւններով պէտք է յանգի յատուկ օրէնքի:

Այս հարցի իրաւականօրէն յստակացումն ու ամրագրումը կը կանխարգիլեն նաեւ քաղաքական շահարկումները:

 

«Ա.»

Անկախ Մտածողներու Վերջին Խնճոյքը («Կոնտոլեզիա, Իմ Սէր» Թատրերգութեան Ներկայացման Առիթով)

0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Դիտումնաւոր, չակերտազերծ ու առանց երկմտանքի արձանագրեցինք անկախ ածականը: Իսկ ինչ կը վերաբերի մտածողներու, փա՜ռք ստեղծիչին, որ տակաւին նման անհատներ կը շնչեն ու կ՛արարեն: Այլապէս ալ պէտք չէ մտահոգուիլ, որ անկախ մտածողներու տեսակը ենթակայ է տակաւ անհետացման, որովհետեւ անոնք թէեւ անհատ առ անհատ կ՛ապրին, այսուհանդերձ կը կազմակերպեն խրախճանքներ, հանդիպումներ եւ հանրային լսարաններ. ահա վերջին խնճոյքը:

Քիչ կը պատահի, մանաւանդ հայ կեանքին մէջ, երբ արուեստի գործ մը, այս պարագային թատրոն, ունենայ այնպիսի բաղկացուցիչ տարրեր, որոնցմով կարելի ըլլայ  հանրութեան ներկայանալ ճակատաբաց, ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ յանձնառու մօտեցումով:

Այլ խօսքով, երբ թատերական գործ մը, որ գրեթէ զերծ է «ես»-ի (անձի) վրայ կեդրոնանալու կամ ինքնանպատակ կողմնորոշումի (եսասիրութիւն) ախտէն, ահա այն ատեն է, որ անիկա` թատրերգութիւնը, կը թակէ հանդիսատեսի հոգէաշխարհին դուռը եւ ինքնավստահ քայլերով մուտք կը գործէ հոն` իբրեւ մարմնացումը մարդ արարածի այլազան մտածումներուն, յոյզերուն, տառապանքներուն եւ երազներուն:

Իբրեւ թատրոնի սիրահար, մանաւանդ` հայ թատրոնի, օրեր առաջ, աւելի ինքնավստահ ու հոգեզմայլ քայլերով մուտք գործեցինք «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ, ուր թատրոնի երկրպագուներ, ծառայասէր ու նուիրեալ իրերայաջորդ փաղանգներ, տուեալ բեմահարթակին վրայ տասնամեակներ շարունակ երկնած են իրենց սէրն ու վիշտը, արդի ժամանակներու մեր թատրերգութիւնը` հայ թատրոնը:

Իսկ այս անգամ առի՞թը. գրող, թատերագիր եւ հրապարակագիր Արա Արծրունիի «Կոնտոլեզիա, իմ սէր» թատրերգութեան ներկայացումն էր: Աւելորդ է ըսել կամ յայտնել, սակայն, որ այս բոլորին մղիչն ու խթանիչը Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբն էր, որ ո՛չ մէկ ատեն եւ ո՛չ մէկ պահու զիջած է իր հմայքը կամ յուսախաբութեան մատնած հանդիսատեսը:

Այլապէս ալ, ինչ խօսք, երբ թատերախումբին ղեկավարն է ակադեմական եւ արհեստավարժ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան, որուն մտածական տարածքին, կենսակերպին ու աշխատելաոճին կիզակէտը, այսպէս ըսած, անհեթեթութիւնն է, այլաբանութիւնն ու արդի ժամանակներու անկախական մտածողութիւնը:

Եւ ահա հայ թատրոնի սիրահարին դիմաց կը պարզուի իրողութիւն մը, որուն պատուանդանը ունի հասարակ յայտարար մը. ազատ ու անկախ մտածող գրիչի մը` յանձին Արա Արծրունիի, եւ ազատախոհ ու ոչ կաղապարեալ բեմադրիչի մը` յանձին Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:

Միջանկեալ աւելցնենք, թէ ի՜նչ կ՛արժէ թատերական ներկայացում մը,- որքան ալ հզօր ու դիւթիչ ըլլայ անիկա,- առանց դերասանի(ներու), արհեստավարժ թէ սկսնակ, որոնք ե՛ն ու պիտի մնա՛ն հայ կեանքին ու թատրոնին բեմի ասպետները:

Ի սկզբանէ յայտնենք, ինչպէս միշտ, որ ստորեւ արձանագրուած միտքերը չեն յաւակնիր ըլլալ ակադեմական մօտեցումներ կամ թատերագիտական վերլուծութիւն: Հաւատացողն ենք, որ նման աշխատանքի մասնագէտներ մեր շուրջ շատ են եւ ունին իրենց տեղը հայ իրականութեան մէջ:

Յաճախ լսած ենք, մանաւանդ հռչակաւոր երաժիշտներէ, որ երգ մը բառերու աշխարհ է ամէն բանէ առաջ, այսինքն` բառերով կ՛իմաստաւորուի ու կը գնահատուի մարդկային ամէնէն խորունկ յոյզը, մտածումն ու ներաշխարհը: Իսկ երաժշտութիւնը յաջորդ փուլն է, բառերը կեանքի կոչելու հիմնական բանալին:

Այս տրամաբանութենէն թելադրուած` շեշտը կ՛ուզենք դնել այն կենսական հայեացքին վրայ, թէ թատրոնին հիմքը թատրերգութիւնն է (երկը), առանձնապէս` նիւթը կամ թեման, որուն կենդանութիւն տալու պարտաւորութիւնը նախ եւ առաջ կը պատկանի բեմադրիչին, ապա` դերասանին(ներուն):

Տակաւին 1960-ական թուականներէն ծանօթ հեղինակ մըն է Արա Արծրունին: Անոր գրիչը թաթաւուն եղած է այնպիսի հոգէաշխարհով մը, որուն հարազատ մնացած է ան մինչեւ այսօր: Փաստօրէն կարելի չէ իրարմէ անջատել գրող, մտաւորական, թատերագիր, հրապարակագիր թէ ընդհանրապէս հայ մարդ Արա Արծրունին, որովհետեւ էն գլխէն ան եղած է ինքնուրոյն, եզակի ու իրաւ մտաւորական:

Անոր տարբեր տիպի գրական ստեղծագործութիւնները խորքին մէջ մէկ ամբողջութիւն են. կը զանազանուին լոկ մատուցումի եղանակով: Արա Արծրունի կը յատկանշուի անհեթեթի եւ այլաբանութեան մտածողական տարածքով եւ ատով իսկ կը ստեղծէ Քամիւյի, Պեքիթի, Եոնիսքոյի, Սարթրի հայկական համարժէք թատրերգութիւնը:

Արդ, մեզի համար ընդգծելին այն է, որ իր մտաշխարհով եւ զգալու եղանակով իւրայատուկ Արա Արծրունիի գրականութիւնը (առհասարակ թատրերգութիւն), բացառապէս ծնունդն է հեղինակի գերմարդկային ձգտումներուն, գերիրապաշտ ապրումներուն եւ գերհզօր երազներուն: Այսինքն` հեղինակը, եթէ երբեք ընտրած է անհեթեթի կամ այլաբանական գրականութեան այսպէս ըսած դպրոցը, պարզապէս իր գլխագիր Բանը, փայլատակող խօսքը լսելի դարձնելու համար է, իբրեւ մարդ արարածի փրկութեան լաստ, հայ անհատի (կերպարի) անխառն յատկութիւն:

Կարճ ըսած, արդի հայ գրականութեան սպասարկող, եզակի ու արտասովոր անձնաւորութեան մը գրիչին ժայթքումները ունին տիեզերահունչ իմաստ, եւ նոյնքան խոնարհ ընկալումներ` հանդէպ մարդ արարածի, որուն հոգեկան խորունկ աշխարհը բացայայտելու ճիգին մէջ կը գտնուի անդադար Արա Արծրունի:

Ըսուածին ամէնէն վաւերական արտայայտութիւնը, այս պարագային, յիշեալ թատրերգութիւնն է` «Կոնտոլեզիա, իմ սէր», որ, այսպէս ըսած, «անհեթեթութիւն» պիտակի ներքեւ, մենք կը տեսնենք կատարեալ թատերական երկ մը:

Այսինքն` թատրերգութեան մէջ մենք ոչ մէկ աւելորդ բառի, նախադասութեան կը հանդիպինք: Հեղինակը, կարծես մէկ շունչով գրի առած է հսկայական այս երկը: Անոր մտածումները, հոգէաշխարհն ու խորունկ յոյզերը առանց շպարի կը հոսին գրիչին ընդմէջէն, կը փոխանցուին ընթերցողին, հանդիսատեսին:

Հաւանաբար քանի մը բառով կարելի ըլլայ ներկայացնել թատրերգութեան նիւթը, որ թէեւ տեղի ունեցած է շատ հին ժամանակներուն, նախնադարուն, սակայն ուշագրաւ դիպուածով մը անիկա կը շարունակէ տեղի ունենալ նաեւ այս օրերուն: Ինչո՞ւ, որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, մարդու ներսիդին խորունկ շաղախը (լաւ թէ վատ) ցարդ կը մնայ նոյնը ու կարծես այդպէս պիտի մնայ առյաւետ:

Այսինքն` իշխանութիւն, աթոռապաշտութիւն, նախանձ ու ատելութիւն, սէր ու սեռային արկածախնդրութիւն, քծնանք, մունետիկութիւն (վարկաբեկիչ քարոզչութիւն եւ որոգայթներ), փառք, փառատենչութիւն, նիւթապաշտութիւն եւ այլն:

Առաջին ակնարկով հանդիսատեսը պիտի ըսէ, որ նման նիւթեր այնքան շատ արծարծուած են բեմին վրայ թէ այլուր, որ պահ մը մարդ կը տատամսի լուրջի առնել զանոնք, որովհետեւ մարդկային նոյն ախտերը մինչեւ հիմա կը շարունակեն աւերներ գործել` քանդելով ընտանիք, միութիւն, համայնք, ազգ ու պետութիւն:

Եւ ահա, արդար տատամսումի թէ նորութիւն փնտռելու հոգեվիճակին յանձնուած`  ներկայ հանդիսատեսին դիմաց կը բացուի բեմահարթակը իր խորունկ  ու անպաճոյճ միջավայրով (բեմայարդարում). Կոնտոլեզիա քաղաք, խեղճ-բնակչութիւն, Սեզար-իշխանապետ, դռնապան-Աննիպալ, ծերունի-իմաստուն դիցուհի-Եւա, մունետիկ-հետախոյզ, ոստիկան-սեւազգեստներ, ճղճիմ-տղայ ու կմախքացած ամբոխ:

Մեզի կը թուի, թէ թատերագիր Արա Արծրունի երկար մտածելէ ետք յանգած է եզրակացութեան մը, թէ իր թատերախաղին մէջ պէտք չէ ըլլան երկրորդական դերեր կամ անձնաւորութիւններ, այլ իւրաքանչիւր կերպար իր դերն ու տեղը ունի բեմին վրայ: Եւ նման համոզում հանդիսատեսի սեփականութիւնը դարձնելու համար ան դիմած է անհեթեթութեան կամ այլակերպ պատկերներու ստեղծման: Ահա թատրոնի ամբողջ տեսադաշտը:

Իսկ նման արտասովոր հեղինակային մտածում շօշափելի դարձուցած է նոյնքան արտասովոր բեմադրիչ մը, որ յանդգնած է թատերական երկը աշխուժ միջավայրի վերածել, ինչպէս` գահ-աթոռ մը, սեւ վարագոյր, սարդոստայն-դերձան- պաստառ, քարէ սալիկներ, սեպագիր արձանագրութիւն, բարձրախօսի իրեր (ոստրէ, բարձրախօս, բջիջային հեռաձայն)  եւ այլն, որոնց գոյութիւնը պարզապէս համեմելու համար է այլանդակ մտածողութիւնը:

Բեմական գործողութիւնները թէեւ աշխուժ ու շարժական էին, սակայն միեւնոյն ատեն կը պարուրուէին խոր լռութեամբ, որ մերթ ընդ մերթ իր ներկայութիւնը զգալի կը դարձնէր: Լռութի՜ւն, զգալու Բանին, հզօր խօսքին ու գաղափարին ուժը:

Ա) Դերասաններ:

Առաջին անգամ չէ, որ հանդիսատեսը կը հանդիպի բոպիկ դերասաններու` ցոյց տալու համար նախամարդու իր զգեստով: Բեմադրիչին այս հնարքը ունէր իր գրաւչութիւնը: Աւելի՛ն. դերասաններու ընտելացումը նախամարդու զգեստաւորումին` բաւական յաջող էր. անոնք առանց բարդոյթի իւրացուցած էին պահանջուածը:

Գահին վրայ նստող իշխանատենչին` Սեզարին (Ժան Պեքերեճեան) մուտքը թատրերգութեան մթնոլորտին մէջ յաջող էր: Իր ստանձնած «իսկական բեմադրիչ»-ի կերպարին մէջ նոյնքան մը հարազատութիւն ցոյց տուաւ եւ յաջողեցաւ իր վրայ կեդրոնացնել հայեացքները: Համարձակ էր իր ճառերուն մէջ, ժողովուրդը ուղղելու եւ  ներգրաւելու ճիգին մէջ գրեթէ ինքնավստահ: Գիտցած էր խաղին օրէնքը. պահել ու պահպանել  աթոռ-իշխանութիւնը ի գին ամէն միջոցի, իմա՛ էնթրիկային մոլուցքին:

Ինչ կը վերաբերի Ժան Պեքերեճեանի դերասանական-արհեստավարժ ունակութիւններուն, ընդգծելի են անոր շնորհն ու ատաղձը, որոնք մեզ կը մղեն իրմէ սպասելու աւելին:

Ծերունի Ղուկաս (Զաւէն Պաաքլինի) իր կատարեալ դերին մէջ էր թէ՛ իբրեւ բովանդակութիւն (տիպար-խօսք-առոգանութիւն) եւ բեմական ներկայութիւն, թէ՛ իբրեւ դերասանական խաղարկութիւն եւ դիմախաղ: Ի վերջոյ վաստակաւոր ու արհեստավարժ դերասանի մասին է խօսքը: Ան զուսպ էր: Անոր խորիմաց միտքին ու ներաշխարհին արտայայտութիւնները լաւապէս կը դրսեւորուէին շնորհիւ իր դերին ու կատարողական արուեստին:

Աննիպալի (Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան) դերը համապատասխան էր ու ճիշդ որոշումի արտայայտութիւն: Խաչիկ-Հրակի դերասանական ունակութիւնն ու տաղանդը տակաւ կը խորանան, լաւապէս կը բացայայտուին, կը պեղուին, լոյսին կու գան առանց «հրմշտուք»-ի: Վերջին տարիներուն Խաչիկ-Հրակի ստանձնած դերերը այդքան ալ պարզ չէին կամ պարագայական չէին: Փաստօրէն ան դռնապանի ու ազնուականի կերպարին անմիջապէս զուգորդեց գահակալի հոգեվիճակը, սիրահարութիւնն ու ժողովուրդին ճառ խօսելու խրոխտ կեցուածքը: Յատկանշական էր Խաչիկ-Հրակի այն պահը, երբ ան բարձրագոռ եւ տիրական շունչով խօսք ուղղեց թէ՛ ժողովուրդին ու թէ՛ հանդիսատեսին: Ան ճանչցաւ իշխանատենչութեան ու գահակալութեան ահաւոր պայմանները` որոգայթները, դիմագիծ ու հոգի ծախելու հրաւէրները, փորձեց իր կարգին խաղ մը խաղալ, սակայն չյաջողեցաւ: Մահուամբ գերազանցեց ինքզինք` իր գիրկին մէջ ունենալով նորօրեայ սիրուհին` Եւան:

Եւա (Արփի Սողոմոնեան): Իսկապէս որ ան եւայական կերպարի մը յանդուգն ոճը կիրարկեց բեմին վրայ: էականը այն է, որ բռնազբօսիկ չէին անոր մարմնական թէ հոգեկան դրսեւորումները: Ան ճանչցած էր ինքզինք եւ գիտէր, ինչ կ՛ուզէր դիմացինէն: Նոյնիսկ ճարտարօրէն առած էր ամէն ինչ-որ կը փափաքէր (ապօրինի զաւակներ, ամուսիններ եւ եւայական ինքնաճանաչութիւն): Արփիի դերասանական շնորհը ակնյայտ էր, իսկ կերպարին մէջ մտնելու անոր համարձակ քայլը` յաջող:

Թատերախաղին նոր որակ ու շունչ տուող զոյգի մը ներկայութիւնը եւ անոնց շեշտուած դերասանական ունակութիւնը կը կարծեմ, որ բոլորին ուշադրութեան կիզակէտը հանդիսացան: Փաստօրէն Նժդեհ Մկրտիչեանի (Տիտի կին շեֆի) եւ Հրայր Գալեմքէրեան (Էտի հետախոյզ) կերպարները զիրար ամբողջացնող եւ իրարմով ապրող անհատականութիւններ էին:

Ըստ իս, իր այս ստանձնած կնոջական դերով Նժդեհ Մկրտիչեան գերազանցեց ինքզինք, լոյսին բերաւ, բացայայտեց ու լաւապէս ներկայացուց Տիտի շեֆի կերպարը: Ան, ըլլալով կին ու հետախոյզ, կին ու մունետիկ, կին ու լրաբեր, կին ու գահակալի աջակից, կրցաւ պահել հաւասարակշռութիւն, լաւապէս արտայայտեց դիմաշարժումային ամէն պահանջ, կատակերգութեան ընկալումը հարազատ էր իրեն, համարձակ էր իր դերը լաւագոյնս ներկայացնելու հրամայականին ընդառաջ:

Հետախոյզ Էտի (Հրայր Գալեմքէրեան) յաջողութեամբ կատարեց իր դերը: Իբրեւ արհեստավարժ ու շնորհալի անձ, կը գտնուէր իր տարերային ու ստեղծող կերպարին մէջ: Հրայր իրեն վերապահուած դերը չի սորվիր, այլ կ՛իւրացնէ ու կ՛ապրի զայն, անոր համար չկան դերասանական սահմանափակումներ, քաջ ու յանդուգն է իր բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ, կը ներգրաւէ հանդիսատեսը իր կեցուածքով, դիմախաղերով, առոգանութեամբ եւ մարմնական շարժուձեւերով:

Նախամարդ հետախոյզի կերպարէն մինչեւ ներկայ ժամանակներու արհեստագիտական նուաճումներ` Հրայր կրցաւ իր հետախոյզի առաքելութիւնը լիարժէք կատարել: Յիրաւի Տիտին ու Էտին թատերախաղի կատակերգակ կերպարի համն ու հոտն էին:

Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան ճարտար միջամտութեամբ մը բեմ հանած էր նուիրեալ դերասաններ` յանձինս Յովսէփ Գափլանեանի, Մանուէլ Թոքմաքճեանի եւ Կարօ Փանօղլեանի: Անոնք առանց բեմական շպարի կատարեցին ոստիկանի դերը, իսկ ճղճիմ մարդը (Էթիեն Սէօքիւնեան) կրցաւ «առաջնորդել» կամ ներկայացնել կմախք մարդիկը, խեղճացած ամբոխը:

Խօսնակուհիի (Ծովիկ Թորիկեան) եւ անծանօթ բամբ ձայնի (Կարօ Քիրիաքօ) ձայն-պատգամը լսելի դարձաւ: Անոնք, կարծես, իրենց քուլիսային ներկայութեամբ արդէն նեցուկ էին թատերական ներկայացումին, երբ մերթ ընդ մերթ արտասանուած խօսքերով այս կամ այն դերասանին խոհուն միտքերուն վրայ կը ծանրանային:

Ընդգծենք, որ առանց կատարելապաշտ մտմտուքներու, ստեղծագործական կազմի` օգնական բեմադրիչ, որմազդի պատրաստութիւն, երաժշտութեան ընտրութիւն, բեմի ձեւաւորում, լուսաւորում, ձայնասփռում, տարազներու ձեւաւորում եւ այլն, բոլորը  ունէին իրենց գնահատելի ներդրումը:

Բ) Ակնկալութիւն եւ աւելի լաւին ձգտելու հրամայական պահանջ:

Անտարակոյս, մեր օրերու հայ թատրոնը (լիբանանահայ) ժամանակէ մը ի վեր կ՛ապրի զարթօնք, կայ բեմական եռուզեռ, ինչու չէ նաեւ` շուտիկութիւն: Եթէ երբեք նկատի ունենանք վերջին 20-ամեակը, հայ թատրոնի սիրահարը պատիւը ունեցաւ ներկայ գտնուելու տարբեր ոճի ներկայացումներու: Թատերական ներկայացումներ, որոնց, հաւանաբար, կը պակսէր երկու հիմնական մղիչ ազդակ, մէկը` դէպի արհեստավարժութիւն տանող յստակ ճանապարհ, միւսը` տիպար հանդիսատեսի մնայուն աջակցութիւն (գնահատանք-քննադատութիւն):

Արդ, «Կոնտոլեզիա, իմ սէր» թատերական ներկայացումին մասնակից կարգ մը դերասաններուն համար անհրաժեշտ է ձայնամարզութիւնը (առոգանութիւն), ինչպէս նաեւ` բեմական շարժումներու տիրապետելու թեքնիքը:  Փաստօրէն, բացառիկ նիւթ ընդգրկող թատերական երկ մը շատ աւելին կրնայ հաղորդել, եթէ երբեք համեմուած ըլլայ յիշեալ բեմական տուեալներով: Տիրական ձայնը, դէմքի այս կամ այն շարժումը աւելիով կ՛առինքնեն եւ կիրքով կը լեցնեն հանդիսատեսը: Ինչ կը վերաբերի գեղարուեստական կամ թեքնիք բաժինին, օրինակ` լոյսերու խաղ, ձայնային տարբեր ելեւէջներ, զգայացունց բեմայարդարում եւ այլն, աւելի շեշտուած պէտք էր ըլլային, որպէսզի ձգէին հաճելի ու կախարդող տպաւորութիւն:

Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի այլանդակ մտածումները կրկին յաղթեցին բեմին վրայ, անոր արհեստավարժի մօտեցումներուն քաջածանօթ հանդիսատեսը կրկին ուրախացաւ  ի տես մատուցուածին, իսկ պահանջկոտ կամ յաւակնոտ թատրոնի սիրահարին պատեհ առիթ մը եւս տրուեցաւ ըսելու, թէ Յակոբ Տէր Ղուկասեան արժանի ժառանգորդն է լիբանանահայ վաստակաւոր ու տիտան բեմադրիչներու, որոնց  հասնելու իրաւունքը վաստկած է ըստ ամենայնի:

Աւարտին, ի սրտէ խօսք «ծանօթ-անծանօթ» թատերագիր Արա Արծրունիին, որուն վաստակը ծանօթ է միայն անկախ մտածողներու եւ գաղափարի նուիրեալներու: Զարմանալին այն է, որ աւելի քան կէս դար հայ գրականութեան եւ մշակոյթին ծառայութեան կոչուած այս իրաւ մտաւորականին ճշմարիտ Բանը (միտք, կեցուածք, պատգամ) չէ դադրած ինքզինք յայտնագործելէ, մէկ տարբերութեամբ սակայն, որ այս տիպի գրողներ ու անկախ մտածողներ հեռու մնացած են միջակութենէ եւ հաւաքական խաժամուժէ, եղած են իրենց ստեղծագործ ոգիին հաւատաւոր սպասարկուն եւ հաշիւ տուած են միայն իրաւ հայրենասիրութեան, մարդասիրութեան, պայքարող ու ճենճերող միտքին:

Ըսուածին վաւերական փաստը «Կոտոլեզիա, իմ սէր» թատրերգութիւն է:

 

 


Գրողի Անկիւն. Մտորումներ Դպրոցական Տարեվերջի Առիթով

0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս օրերուն գրեթէ ամէն տեղ դպրոցական տարեվերջ է, եւ այդ պատճառով, վարժարաններ ամավերջի տեսակաւոր հանդէսներով կրկին անգամ կու գան հաստատելու, որ կրթական օճախները կը փակեն իրենց դռները, որովհետեւ հասած են արդէն իրենց տարեկան ուսումնական լրումին:

Այս մէկը յայտարար նշան է, որ հարիւր հազարաւոր աշակերտներու պաշտօնական արձակուրդը սկսած է:

Միւս կողմէ` յստակ իրողութիւն է, որ 9-10 ամիսներու դպրոցական աշխատանքներէ ետք աշակերտը պէտք ունի այս հանգիստին, այդ մէկը ըլլայ ֆիզիքական կամ հոգեկան: Արդար եւ համոզիչ: Այսինքն, իբրեւ մարդ անհատ, աշակերտին համար ալ արձակուրդը էական նկատուած է, որպէսզի ան աշնան կամ վերամուտին նոր ուժերու ամբարումով կրկին վերադառնայ դասարան:

Իսկ իբրեւ հայեր, մեր պարագային, նախ ըսենք` «աչքը լոյս» մեր ծնողներուն կամ` մեր մեծ հայրերուն ու մայրերուն, կամ փոքրեր խնամողներուն, որոնք յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն ընթացքին, օրուան գրեթէ բոլոր ժամերուն, պիտի վայելեն իրենց զաւակներուն, թոռներուն կամ փոքրերուն անուշ, հաճելի եւ երբեմն ալ աղմկոտ ներկայութիւնը:

Հաճելի թուի կամ ոչ, այս մէկը մեզ կը տանի այն եզրակացութեան, որ մեզի համար հայ տունը կամ ընտանեկան յարկը եղած է եւ կը մնայ անփոխարինելիօրէն հայ մանուկին առաջին դպրոցը:

Ուստի տունը եւ միշտ տունն է մեր առաջին դպրոցը, ուր հայ կամ օտար վարժարաններուն տուած կամ մատուցած ուսման եւ կրթութեան զուգահեռ, հոն է, կամ պէտք է որ հոն ըլլայ հայ ազգային գիտակցութեան մթնոլորտը, ընտանեկան կապուածութեան կողքին: Որովհետեւ հաւատացած ենք, որ հայ ընտանեկան յարկն ալ իր կարգին տեսակ մը կարեւոր ու մեծ ուսումնարան մըն է` իր անուղղակի թելադրանքներով եւ հայախօս շունչով:

Եւ որպէսզի աշակերտներուն ամառնային արձակուրդը օգտակար դառնայ, կը կարծենք, որ ծնողներու ուսերուն վրայ մեծ պարտականութիւն կ՛իյնայ մօտէն հսկել արձակուրդի պատճառով տուն մնացող իրենց զաւակները, որպէսզի անոնք իրենց սորվածը ոչ միայն չմոռնան, այլ «օտար ունակութիւններով» չտարուին կամ չքաջալերուին: Այլ խօսքով, անոնք են, որ դպրոցը տունով պիտի փոխարինեն, պիտի հսկեն, պիտի ծրագրեն եւ ուղղութիւն տան:

Դպրոցական տարեվերջ է` ըսինք ու մեր զաւակները` մեծերն ու փոքրերը տունն են: Այս մէկը պէտք է ըլլայ նաեւ լաւագոյն առիթը` մեր զաւակները մեր ուշադրութեան յանձնուելու համար: Իսկ մեզի համար լաւագոյն առիթը պիտի ըլլայ մեր ընտանիքի իսկական ինքնաճանաչման համար: Մօտէն հսկելով եւ աւելի մօտէն ծանօթանալով մեր զաւակներուն հետաքրքրութիւններուն, անոնց կերպարներուն եւ նկարագրային զանազան ծուռ եւ շիտակ գիծերուն` մենք կ՛ըլլանք միայն ապագայի հաշուոյն շահաւորը:

Իբրեւ ուսուցիչ կամ հայ կրթական մշակ, իմ կարծիքով, դպրոցական արձակուրդը օգտակար դարձնելու համար լաւագոյն միջոցը պիտի ըլլայ զաւակը ընթերցանութեան մղելը: Դէպի գրադարաններ եւ կամ հայկական գրախանութներ եւ մանաւանդ հայ կամ օտար գիրքերու ընթերցումի առաջնորդել: Եւ քանի որ ամէն բան վարժութենէ կը ծնի, ուստի ձեր օրինակով առաջնորդեցէք ձեր զաւակը ընթերցանութեան: Կարդալ հայերէն գիրքեր, հին կամ նոր դասագիրքեր, օրաթերթեր կամ գրական թերթեր: Այս կը նշանակէ տան մէջ հայերէն լրագրին կամ գիրքին ներկայութիւնը ապահովել:

Որովհետեւ ընթերցումը զաւկին կամ աշակերտին մտային եւ հոգեկան պաշարն ալ  կ’ամբարէ, մանաւանդ եթէ այս մէկը ընթանայ ծրագրուած կերպով:

Ծնողները պէտք է գիտակցին նաեւ, որ հայ գիրքը, հայու շունչի կողքին, հայ մշակոյթ եւ պատմութիւն ալ կը ներշնչէ:

Պէտք է յիշեցնել, որ հազարաւոր օտար գրախանութներու կողքին, մեր այս գաղութն ալ բախտաւոր է հայկական գրախանութներով, որոնք ամէն ձեւով գոհացում կրնան տալ մեր զաւակներու մտային պաշարը հարստացնող հայկական հաճելի եւ օգտաշատ բազմազան հրատարակութիւններով:

Հայ ուսուցիչին եւ մանաւանդ հայոց լեզուի դասատուին ցուցմունքներուն եւ թելադրանքերուն հետեւելով ու քաջալերանքին անսալով` կարելի է օգտակար գիրքերու եւ մտային ու ազգային զարգացման յատուկ հրատարակութիւններու ցանկ մը ձեռք ձգել:

Գիտենք, որ այս արագավազ դարուն, երբ մանաւանդ ամէն օր փոքրերուն կամ պատանիներուն համար համակարգիչի, Դիմատետրի եւ հեռաձայններու վրայ ելեկտրոնային նոր խաղեր «կը բուսնին» եւ հեռատեսիլի կամ այլ ճամբաներով կը հրամցուին ու կը մտնեն մեր տուներէն ներս, երբ ինք` աշակերտը, իր նմանէն օրինակ առնելով, շուտով անոնց կը կապուի. անոր իր ծնողքին համար շատ դժուար աշխատանք մը պիտի ըլլայ զինք դէպի ընթերցանութիւն առաջնորդելը:

Հասկնալի է այս մէկը եւ կը բաժնենք այս մտահոգութիւնը:

Սակայն ծնողքի մը մօտէն հսկողութիւնը մեծ դեր կրնայ խաղալ այս տեսակ առաքելութեան մէջ, երբ մանաւանդ ընթերցանութեան կողքին նաեւ ծրագրուած կամ կազմակերպուած ըլլայ քանի մը օրերու կամ շաբաթներու համրանքով ընտանեկան արձակուրդ մըն ալ: Դատարկութեամբ լեցուն արձակուրդ մը մեծապէս կրնայ վնասել աշակերտին մտապաշարի բարգաւաճման ձգտող ճիգին:

Լաւատեղեակ ենք, որ միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ դպրոցական արձակուրդի ժամկէտէն առաջ արդէն ծրագրած կ՛ըլլան հաճելի բանակումներ, ճամբարներ, շրջապտոյտներ, շաբաթական դրութեամբ ծրագրուած «քեմփ»-եր:

Այլ խօսքով, արձակուրդի շրջանին, քանի որ ծնողքը ինքն է միակ պատասխանատուն իր զաւակին կամ զաւակներուն, եւ որպէսզի իր զաւակը հեռու մնայ վարակիչ ախտերէ, օտարամոլութենէ, հարկ է որ ծնողները արժեւորեն հրամցուած արձակուրդները եւ իրենց զաւակը, իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ,առաջնորդեն ու քաջալերեն, որպէսզի ան հայկական բարքերուն, երաժշտութեան եւ աւանդութիւններուն կողքին, իր ինքնութիւնը պահէ, իր իմացական եւ զգացական աշխարհը ճոխացնէ եւ ապա դպրոցական վերամուտին վերադառնայ կազդուրուած եւ առողջ միտքով:

Այս բոլորը ըսինք, որպէսզի հայ ծնողքը ուսումնական նոր տարեշրջանի սկիզբը, սրտի գոհունակութեամբ եւ հայավայել հպարտութեամբ իր զաւակները կրկին անգամ առաջնորդէ հայ մանուկին կամ փոքրիկին հարազատ ու միակ միջավայրը` հայ դպրոցը: Մինչ` բարի արձակուրդ:

 

 

 

Ակնարկ. Արցախի Պետութիւնն Ու Հասարակութիւնը Համակողմանիօրէն Կը Լուծեն Բոլոր Խնդիրները

0
0

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ստեփանակերտի մէջ անվտանգութեան ծառայողներու եւ քաղաքացիներու միջեւ ծագած կենցաղային վէճը, որ աւարտած է ծեծուըռտուքով, գրաւեց ինչպէս հայրենական, այնպէս ալ սփիւռքեան հասարակութեան ուշադրութիւնը:

Միջադէպը այնքան ուշագրաւ չէր, որքան անոր` իբրեւ բողոքի հակազդեցութիւն կազմակերպուած բողոքի ցոյցը, որ իր հերթին առիթ տուաւ հակացոյցի: Հետեւողներուն ենթագիտակցութեան մէջ ձեւաւորուեցաւ այն համոզումը, որ նման միջադէպեր նախապէս ալ տեղի կ՛ունենային, սակայն անոնք տեղի չէին տար բողոքի ժողովրդային դրսեւորումներու, մտածել տալով, որ շարժառիթը այս բոլորին ձեւաւորման մէջ վերջին իրադարձութիւններու մանրանկարային նմանակներ ստեղծելու ճիգին մէջ կը կայանայ:

Հասարակութիւն-իշխանութիւն կապը այս պարագային գործեց արագ, եւ կարելի է ըսել` նաեւ անմիջական, ու որոշակի առումով` նաեւ արդիւնաւէտ: Բողոքառուներու հանդիպումը պետքարտուղարին հետ եւ ապա զիրենք ներկայացնող պատուիարկութեան հանդիպումը Արցախի Հանրապետութեան նախագահին հետ նախանշեց, որ խնդիրները համակողմանիօրէն քննարկելու եւ մեղաւորները օրէնքի դիմաց կանգնեցնելու վճռակամութիւն կը ցուցաբերուի:

Կարելի է ըսել, որ բոլորովին անտեղի չէին այն զգուշացումները, որ ներքին կայունութեան խնդրոյ առարկայ դառնալը կը սրէ հակառակորդին ախորժակները, եւ պէտք է բացառել ցոյցերու համաժողովրդայնացումը: Միաժամանակ, սակայն, որեւէ բողոքի օրինական դրսեւորում բացառելը նոյն նպատակով կրնար մեկնաբանուիլ անարդար քայլերու դէմ հրապարակային բողոքելու իրաւունքի արգելակումով:

Անվտանգութեան ուժային կառոյցներու պատասխանատուներու հրաժարականներու պահանջները ցուցարաներուն կողմէ`  առաւելապաշտ ըլլալու տպաւորութիւնը ձգցին: Ի վերջոյ պետական բարձրագոյն դիրքերէ հնչեց բոլոր օրինախախտները, ընդ որում` պետական պաշտօնեաները, համապատասխան տուժերու ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը:

Անտեղին, այս պարագային, պաշտօնական Երեւանը նման միջադէպերով ստեղծուած իրավիճակը կայունացնելու նպատակով ներքաշելու ուղղակի կամ անուղղակի ակնկալութիւններն են:

Որքան նախանձախնդիր պէտք է ըլլալ, որ նման միջադէպեր բացառուին, կանխարգիլուին եւ չահագնանան` սպառնալով երկրի կայունութեան, նոյնքան նաեւ, այս պարագային, ոչ միայն մարդու իրաւունքի, բռնութեան բացառման կամ օրէնքի գերակայութեան առաջադրանքներով, այլ նաեւ զուտ քաղաքական մօտեցումի գերակշռումով միջամտութեան ակնկալութիւններուն կամ ահազանգներուն չափազանցումներուն տեղի պէտք չէ տալ:

Արցախը աշխարհին ներկայացած է իբրեւ իրողապէս անկախ երկիր ու պետութիւն, որ ինքնուրոյն իր երկիրն ու հասարակութիւնը կառավարելու բոլոր նախադրեալները ունի, որ ունի իշխանութիւն, իրաւապահ մարմիններ, որոնք յարգելով իրենց քաղաքացիներու իրաւունքները` ի վիճակի են վերահսկել իրավիճակը եւ հարցերուն տալ բարւոք, օրինական լուծումներ:

Հետեւաբար, կոչ ընել միջամտելու եւ նախկին օրինակներու յիշեցումով ընդգծել միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը` քաղաքական իմաստով նաեւ ոչ միայն ժամանակավրէպ է, այլ նաեւ ոչ օգտակար` դէպի իրաւական ճանաչումի ճամբայ անցած իրողապէս անկախ Արցախի Հանրապետութեան:

Մինչ այժմ դրսեւորուած մօտեցումները, իշխանութիւններու բաց, անմիջական հաղորդակցիլը ցուցարարներու պատուիրակութեան հետ, բանակցութիւնները եւ համակողմանիօրէն օրինական ճանապարհով հարցերը լուծելու սկզբունքային մօտեցումները կը համոզեն, որ իրօք Արցախի Հանրապետութիւնը կայացած պետութիւն է եւ կամքն ու միջոցները ունի ներարցախեան խնդիրները լուծելու:

Արցախը, բոլորէն աւելի, թէ՛ իբրեւ պետութիւն եւ թէ՛ իբրեւ հասարակութիւն, գիտակից է մէկ կողմէ կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը գերադասելու, միւս կողմէ` քաղաքացիներու դէմ բռնութիւն կիրարկածները  կամ ընդհանրապէս բոլոր օրինախախտները պատասխանատուութեան կանչելու:

Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ նոյնիսկ Երեւանի միջամտութիւնը, այս պարագային, Հայաստանի Հանրապետութենէն նեղ կախեալութեան համազօր արարք է, ինչը չի նպաստեր Արցախի Հանրապետութեան իրաւական ճանաչման աշխատանքներուն: Այս պարագային եւս Ստեփանակերտը կը փաստէ, որ ժողովրդավար հիմունքներով կառավարուող երկրի մասին է խօսքը:

 

Ազատականութեան Փուչիկը Պայթեցաւ

0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

7 յունիս 2018-ին Քանատայի Օնթարիօ նահանգին մէջ տեղի պիտի ունենան նահանգային ընտրութիւններ`ընտրելու համար նահանգային խորհրդարան եւ նահանգապետ: Օնթարիոյի նահանգային ընտրութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին Քանատայի համար, որովհետեւ Օնթարիոն Քանատայի ամէնէն մարդաշատ նահանգն է, ուր կը գտնուի Քանատայի բնակչութեան 40 առ հարիւրը, որ կը բաղկանայ տարբեր ընկերային-դասակարգային, ցեղային եւ կրօնական-դաւանական խմբաւորումներէ:

2003-էն մինչեւ իսկ օրս ազատականները կազմած են Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանին մեծամասնութիւնը: Ազատականները իրենց կառավարման 15 տարուան ժամանակաշրջանին  յաջողեցան (զօրակցութեամբ պահպանողականներուն) սեփականաշնորհման ենթարկել «Հիտրօ ուան» ելեկտրական ընկերութիւնը (ժամանակին կը պատկանէր Օնթարիօ նահանգի սեփականատիրութեան), որ իր կարգին բարձրացուց ելեկտրականութեան սակերը: Այս սեփականաշնորհումը Օնթարիոյի բնակչութեան կողմէ դիմաւորուեցաւ մեծ դժգոհութեամբ ու ցոյցերով եւ կը շարունակէ մնալ մերժելի, սակայն ազատականները կը պնդեն, որ այս ընկերութիւնը պէտք է մնայ անձնական սեփականատիրութեան տակ: Նուազեցնելով պետութեան հսկողութեան դերակատարութիւնը տնտեսական մարզին մէջ` ազատականները նաեւ նուազեցուցին պետութեան ներդրումները հանրային ու ընկերային ծառայութեանց մէջ, ինչպէս` առողջապահութեան, աւելցնելով հիւանդի` բժիշկին հետ հանդիպման համար սպասելու  ժամանակը (քանի որ նուազ վայրեր եւ նուազ բժիշկներ կը գտնուին հանրային սեփականատիրութեան տակ), ինչպէս նաեւ ազատականներուն ժամանակ դեղերու ու բնակարաններու գինը յաւելեալ սղաճ արձանագրեց:

Յիշեալ ընկերային-տնտեսական տագնապներուն զուգահեռ, նուազեցաւ ազատականներու ու պահպանողականներու ժողովրդականութիւնը, եւ աւելցաւ ժողովրդականութիւնը ընկերվար-ժողովրդավարութիւն դաւանող Նոր ժողովրդավար կուսակցութեան: Նոր ժողովրդավար կուսակցութիւնը, քննելով բոլոր ընկերային-տնտեսական տագնապները, որոնք ի յայտ եկան ազատականներու եւ պահպանողականներու քաղաքականութեանց պատճառով, կը միտի ամրապնդել ընկերային արդարութեան արժէքները` հզօրացնելով հանրային հաստատութիւնները, ներդրումներ կատարել ընկերային եւ հանրային ծառայութիւններուն մէջ, որոնք անհոգութեան ենթարկուեցան ազատականներու եւ պահպանողականներու կողմէ:

Նորժողովրդավարները կը խոստանան (ըստ իրենց նախընտրական ծրագիրին)  վերապետականացնել «Հիտրօ ուան»-ը եւ նուազեցնել ելեկտրականութեան սակերը: Առողջապահութեան մարզին մէջ նորժողովրդավարները պիտի ստիպեն գործատէրերուն, որ աշխատաւորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն ապահովեն ատամնաբուժութիւնը: Պետական ներդրումներ պիտի կատարուին, որպէսզի Օնթարիօ նահանգին պատկանող տարբեր շրջաններու մէջ հասանելի ըլլայ ատամնաբուժութեան ծառայութիւնը: Նաեւ անոնք կը խոստանան նուազեցնել դեղերու սակերը, ինչպէս նաեւ` կարիքաւոր ընտանիքներու երեխաներուն ձրի ապահովագրութիւն տրամադրել: Աղքատութեան եւ ընկերային անարդարութեան դէմ պայքարին գծով, նոր ժողովրդավարները կը խոստանան պայքարիլ բնակարաններու սղութեան դէմ` նոր եւ մատչելի գիներով բնակարաններ կառուցելով, բարձրացնել աշխատավարձերն ու թոշակները եւ հիմնական նուազագոյն եկամուտ ապահովել Օնթարիոյի բոլոր բնակիչներուն համար:

Օնթարիոյի նահանգային ընտրութիւնները կարեւոր են, որովհետեւ նախ հոն կը գտնուի բնակչութեան մեծամասնութիւնը, իսկ երկրորդ` տեղւոյն կառավարող կուսակցութիւնը (Ազատական կուսակցութիւնը) Քանատայի դաշնակցային կառավարութեան իշխող կուսակցութիւնն է, որուն գծով միջազգային լրատուամիջոցները կը փորձեն ապացուցել, թէ ան իբր թէ յաջող քաղաքականութիւն կը վարէ, բայց իրականութեան մէջ 15 տարի շարունակ աւելի եւս խորացուցած է ընկերային անարդարութիւնն ու անհաւասարութիւնը: Հետեւաբար այս ընտրութիւնները յստակ պատասխան պիտի ըլլան Քանատայի դաշնակցային վարչապետին (Ճասթին Թրուտօ): Ահա փաստ մը, որ ազատականութիւնը չի կրնար դառնալ այլընտրանք, այլ անիկա կը մնայ միայն գունաւոր զարդ` մութ նոր-ազատականութեան սեւ համակարգին մէջ, որ կը փորձէ գեղեցկացնել այդ համակարգը իր նշանաբաններով:

 

 

 

Նոր Հայաստանի Առաջին Քայլերը

0
0

Ժ. Չ.

Կազմութեան առաջին օրէն Փաշինեանի կառավարութիւնը աշխուժ, տպաւորիչ ու արդիւնաւէտ կերպով պայքար մղեց քանի մը ճակատներու վրայ, ինչպէս` քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակում, կաշառակերութեան բացայայտում, ճանապարհային ոստիկանութեան տուգանքներու կարգաւորում, գիւղատնտեսութեան մարզէն ներս վարկերու տոկոսներու վճարման պայմաններու վերանայում, դպրոցներու ապաքաղաքականացում, ընտրական օրէնսգիրքի վերամշակման աշխատանքներ եւ ոստիկանութեան կողմէ խաղաղ ցուցարարներու վրայ յարձակած` դիմակաւորուած անծանօթ խմբակներու անդամներու բացայայտում…

Ցանկը դեռ երկար է:

Քաղաքացիական անհնազանդութեան կոչին հետեւած շարժումով, Փաշինեանի վարչապետ նշանակումէն ետք, անհնազանդութեան արարքները շարունակուեցան յատկապէս քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հրաժարականին պահանջով: Սակայն, Փաշինեանի կոչէն ետք, ընդհանրապէս բոլոր ցոյցերը վերջ գտան:

Իսկ նախկին վարչակարգի բարձրաստիճան պաշտօնեաները կը պայքարին օրէնսդրութեամբ պաշտպանուած իրենց դիրքերէն չհրաժարելու համար, ինչ որ պարագան է գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի եւ անշուշտ` Երեւանի քաղաքապետին. թէեւ, այս բոլորի պարագային ալ, ժողովրդական ճնշումը եւ հասարակական կարծիքը անընդունելի կը գտնեն անոնց` իրենց պաշտօնին վրայ մնալը: Արդարադատութիւնը կը մնայ ամէնէն խոցելի ոլորտը: Այնտեղ թաղուած կը մնան նախկին իշխանութեան կողմէ բոլոր զեղծարարութիւններու եւ ապօրինութիւններու արդարացումն ու լուացումը:

Ճամբան երկա՛ր է. արդարադատութեան կողքին կան կարեւոր դերակատար երկու այլ ուժեր, որոնք կը պահեն իրենց գերազդեցիկ խանգարիչ ուժը` երկրին մէջ բարեփոխումներ իրականացնելու: Առաջինը` ընտրական խախտումներու պայմաններու տակ ընտրուած ՀՀԿ-ի խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, որ կը վայելէ սահմանադրական անձեռնմխելիութիւն, եւ երկրորդը` տեղական ու շրջանային ինքնակառավարման մարմինները, որոնց անդամները մեծ մասամբ նախկին իշխանութեան կողմէ նշանակուած իշխանիկներ են:

Փաշինեանի կառավարութիւնը կը գործադրէ խոհեմ մարտավարութիւն մը, ինչպէս բազմիցս յայտարարած էր` բացառե՛լ վրէժխնդրութիւնը, սակայն` առանց բացառելու օրինական հետապնդումը: Այս դիտանկիւնէն յուսատու էր ոստիկանութեան կողմէ ցոյցերու ընթացքին բռնութեան մեղսակից անձերու եւ ԱԱԾ-ի (Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն) կողմէ պետական եկամուտներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մեղսակցութեամբ մաքսազերծումի զեղծարար ցանցի բացայայտումը, որոնք ուղղակի առնչուած են նախկին իշխանութեան մերձաւորներուն, ինչ որ նախկին իշխանութեան հասցէին մինչեւ հիմա հնչած բանաւոր մեղադրանքներուն կու տայ փաստացի իրաւական հիմքեր` զանոնք դատական հետապնդումի ենթարկելու եւ այսպիսով անոնց ազդեցիկ դիրքերը տկարացնելու համար:

Խորհրդանշական կարեւոր քայլ էր նաեւ վարչապետին` իրեն վերապահուած կառավարական առանձնատունը` դպրոցներու տարեվերջի զանգին առթիւ սահմանամերձ գօտիներու շրջանաւարտ դպրոցականներուն առջեւ բանալը: Կառավարութեան առանձնատուները կրնան նաեւ ժողովուրդը հիւրասիրելու վայրեր հանդիսանալ: Մթնոլորտը ջերմ էր, երիտասարդական ուրախ ու ջերմ ոգի` երգ, պար, փինկ-փոնկ, գնդամուղ (billard) ու սելֆիներ: Պայքարը չի բացառեր ուրախութիւնը: Կրնա՛ն նաեւ քալել ձեռք-ձեռքի:

«Նոր Յառաջ»

Լիբանանահայ Ճարտարապետի Ծրագիրով Կրթական Կառոյցի Մը Բացումը Լոռիի Մարզի Դեբետ Համայնքին

0
0

Գ.Ֆ.Օ

Լոռին` ժամանակակից Հայաստանի կարեւորագոյն մարզէն մէկն է, խիտ լեռներով, կանաչ լանջերով աշխարհ մը, որ պահպանած է իր բնութեան անարատ դիմագիծը:

Խորհրդային իշխանութեան փլուզումէն ետք Լոռիի գործարանները դադրած են աշխատանքէ, իսկ մարզի Վանաձոր կեդրոնը (նախկին Կիրովականը) տնտեսական դժուարութիւններու մէջ մխրճուած եւ 1988-ի երկրաշարժին բաւական վնաս կրած էր:

Բայց` այս բոլորը մէկ կողմ, բարգաւաճման ուղին միշտ յստակ է հայերուն համար: Ամէն երկվայրկեան մեր կեանքէն առիթ մըն է ազգին օգտակար դառնալու:

Ամերիկահայ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը (ՔՈԱՖ) 2003 թուականէն մինչեւ օրս կը զբաղի նորոգելով Արմաւիրի եւ Արագածոտնի մարզերու գիւղական շրջաններու որոշ կառոյցներ` զանոնք դպրոցներու վերածելով եւ մանուկները ձրի դաստիարակելու վայրեր դարձնելով: Ոգեւորուած այս փոքր ծրագիրներու յաջողութեամբ, հիմնադրամը կ՛որոշէ աւելի համարձակ քայլի մը դիմել` հիմնելով ՍՄԱՐԹ կեդրոն մը Լոռուայ մարզի մէջ, Դսեղ, Դեբետ եւ Ձորագետ գիւղերուն միջեւ: ՍՄԱՐԹ կեդրոնը երեք տարուան ընթացքին մէջտեղ եկաւ Լոռուայ կանաչ դաշտերուն մէջ:

ՔՈԱՖ-ի պատուաւոր նախագահ Թոնի Շաֆրազեանը կը դիմէ ճարտարապետ Փոլ Գալուստեանին, որպէսզի ծրագրէ ՔՈԱՖ-ի նոր օրրանը: Գալուստեանը Շաֆրազեանին ուշադրութիւնը գրաւած էր ընկերային ցանցերուն միջոցով, ուր ան կը տեղադրէր զինք ներշնչող պատկերներ եւ իր գործերէն օրինակներ: Շաֆրազեան` ինքնին համբաւաւոր կալերիսթ եւ արուեստագէտ, հրապուրուած էր Գալուստեանով եւ վստահ էր, որ ան կրնար իրականացնել այն բարձր տեսլականը, որուն ինք կը ձգտէր` կանգնեցնելու մարդիկը ներշնչող շէնք մը, որուն շնորհիւ հայ մանուկը կրնայ ձգտիլ աւելիին եւ վեհին: Գալուստեանը, իր կարգին, լիբանանահայ ճարտարապետ, որուն կեանքը հեռու մնացած էր թէ՛ հայրենիքէն եւ թէ՛ հայկական միջավայրէն, մեծ մարմաջ ունէր իր հայկական արմատներուն հիմքը վերակենդանացնելու: Կառչելով այս առիթին, իսկոյն մեկնեցաւ հայրենիք առաջին անգամն ըլլալով: Եւ երբ հասաւ Հայաստան եւ մասնաւորաբար Լոռի, այդ ամբողջ զգացական բարդութեան մէջ ան հիացած էր բնութեան գեղեցկութեամբ: Բնականաբար այդ հմայքը ունեցաւ յստակ արդիւնք եւ մարմնաւորուեցաւ պարզ գաղափարով մը. շէնքը պէտք էր ըլլար օրհներգ մը այդ բնութեան:

Փոլ Գալուստեանին նախատեսած շէնքը, ի դէպ` ներկայիս կիսաւարտ, նման է ժապաւէնի մը, որ կը թառի գետնի մակերեսին վրայ` առանց եղծանելու զայն: Ժապաւէնը կը դառնայ մարգագետնին չորս կողմը եւ շրջանակ մը կը կազմէ: Շէնքը այնքան փոքր կ՛երեւի այդ 7500 մեթր տարածքով արտին յարաբերաբար, որ կարծես շէնքը կը խոնարհի հողին դիմաց: Համեմատութեամբ, շէնքը ինքնին միայն 3700 մեթր տարածք ունի: Եւ իսկապէս, երբ հասնիս ՍՄԱՐԹ կեդրոնը, կը տեսնես միայարկանի երկար պատ մը, եւ երբ անցնիս այդ պարզ պատէն անդին, իսկոյն ինքզինքդ կը գտնես հսկայ բակի մը դիմաց, որ իր տարածքով աւելի նման է մարգագետինի մը: ժապաւէնին հասակը մօտաւորապէս 600 մեթր է, որուն մէկ մասը կազմուած է 168 ապակեայ երեսիկներէ, որոնք 4 մեթր երկայնք եւ 1,5 մեթր լայնք ունին: Արտաքին պատերուն մէկ մասը թափանցիկ ապակի ըլլալուն շնորհիւ` ներքին եւ արտաքին եզրը կը կորսուի: Կեդրոն յաճախող աշակերտը այսպիսով ինքզինք միշտ կը գտնէ դէմ դիմաց հողին հետ, կապուած` իր հողին, իր հայրենիքին, իր դէմ ունենալով այն խորհրդանիշը, որ ներշնչած է մեր դարաւոր հայ մշակոյթը:

Այս կառոյցին մէջ ՔՈԱՖ-ի ՍՄԱՐԹ կեդրոնին աշակերտները, մեծ ու փոքր, կարելիութիւնը պիտի ունենան, իրենց հողին վրայ մնալով` իրենց գիւղերուն կապուած մնալով, հասնելու այն բոլոր կարելիութիւններուն, որոնք դիւրութեամբ հասանելի են միայն բարգաւաճ քաղաքներուն մէջ: Եւ արդէն իսկ ՍՄԱՐԹ կեդրոնը դարձած է շրջանի գիւղերուն հպարտանքի աղբիւր մը,  որոնք սեփականացուցած են կառոյցը: Գիւղացիները հետիոտն կ՛այցելեն ՍՄԱՐԹ կեդրոնը:

27 մայիսին տեղի ունեցաւ ՍՄԱՐԹ կեդրոնին բացումը, որուն ներկայ գտնուեցան մօտ հազար այցելուներ, որոնց շարքին էին` փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը, առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը, մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեանը, ամերիկացի բեմադրիչ Երիք Հիլլը, Այբ դպրոցի համահիմնադիր Մեսրոպ Արամեանը, հայ համայնքի ժողովրդական դէմքեր` Էգոր Գլիւմովը եւ Յակոբ Պապիկեանը, քանատահայ բարերարներ` Նուպար եւ Լեւոն Աֆէեանները եւ այլ բազմաթիւ բարերարներ ու հիւրեր: Անոնք ծանօթացան կեդրոնին տարբեր ուսումնական ծրագիրներուն` «Անտրէա Մարթինի» լսարանին, որ կրնայ պարփակել 150 անձ, եւ ուր կարելի է նաեւ ներկայացնել թատերախաղեր եւ տեսերիզներ, մանկամսուր մը, որուն նպատակն է կերտել մանուկներուն նկարագիրը, ինքնաշարժներ կազմելու դասարան եւ արուեստի, պարի ու երաժշտական ձայնագրութեան դասարաններ: Կեդրոնի բացումին յաջորդեց ճաշկերոյթ, որուն հետեւեցաւ բացման խօսք եւ ապա` երաժշտական ելոյթ:

Լիբանանահայութիւնն ալ այս ամառ կարելիութիւնը պիտի ունենայ ցուցահանդէսի մը միջոցով վայելել մասնիկ մը ՍՄԱՐԹ կեդրոնի փորձառութենէն:

Նշենք նաեւ, որ ՍՄԱՐԹ կեդրոնի ծրագրման եւ իրագործման անձնակազմը կը բաղկանայ` ա) ճարտարապետական սթիւտիոյէն` Փոլ Գալուստեան, Շողակ Յովհաննէսեան, Նաթալի Ֆաթթէ, Ճիւլիա Պրեմպիլլա եւ Վիգէն Խաչերեան` Պէյրութէն, բ) կառոյցի ճարտարագէտէն` Տիգրան Խաչիեան Երեւանէն, գ) Մանկասարեան մեքենագիտական, ելեկտրական եւ ջրամատակարարման  ճարտարագիտական հաստատութենէն` Սեդա եւ Ռուբէն Մանկասարեաններ եւ Կարապետ Մաքասեան Պէյրութէն ու վերջապէս դ) «Ըրպըն եունիթ»-ի տեղական  ներկայացուցիչ ճարտարապետական գրասենեակէն` Գոհար Իսախանեան` Երեւանէն:

«Խօսքս Ձեզի Է, Երիտասա՛րդ Տղաք»

0
0

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Առաջին անգամ ըլլալով ներկայ կը գտնուէի  Մայիս 28-ի տարեդարձին նուիրուած  հանդիսութեան, որ տեղի կ՛ունենար Փարիզի վեցերորդ թաղամասի քաղաքապետարանի սրահին մէջ: Յայտագիրի վերջաւորութեան, փակման խօսքէն առաջ, հանդէսը կազմակերպող քանի մը երիտասարդներ եկան, առաջին շարքին նստող տարեց կնոջ մը թեւերը մտան, ոտքի հանեցին եւ օգնելով` զայն բեմ  բարձրացուցին: Բեմավարը յայտարարեց, որ հիմա տիկին Տէր Մինասեանը ձեզի պիտի ըսէ իր խօսքը: Ան ըսաւ. «Կարճ պիտի խօսիմ. խօսքս երիտասարդներուն ուղղուած է. երիտասարդնե՛ր, դուք տունը իրարու հետ եւ ձեր երեխաներուն հետ պէտք է, որ միշտ հայերէն խօսիք. եթէ երեխաները հայերէն չեն գիտեր, սորվեցուցէք անոնց»:

Միայն այսքան ըսաւ տիկինը եւ բեմէն վար իջաւ նոյն անձերու օգնութեամբ: Ժողովուրդը բուռն եւ երկար ծափահարեց: Տեսնելով այս երեւոյթը` դարձած էի խիստ հետաքրքիր  եւ կ՛ուզէի գիտնալ, թէ  ո՛վ  էր այդ կինը: Հանդէսի վերջաւորութեան գիտցայ, որ ան Ռուբէն Տէր Մինասեանին կինն էր, որ մահացաւ քանի մը տարի առաջ: Իմացայ նաեւ, որ այդ տիկինը հրեայ էր:

Ռուբէնը իր կնոջ ծանօթացած էր Ժընեւի մէջ, երբ ուսանող էր: Ամուսնանալէն ետք անոր սորվեցուցած է հայերէն, եւ այնուհետեւ տան մէջ միայն հայերէն խօսած են: Անոնց երկու տղաքը հայերէնը սորված են տունը եւ միշտ կարծած են, որ իրենց մայրը հայ է. իրենց մօր  հրեայ ծագումը իմացած են, երբ մեծ տղան` Վահիկը, տասը տարեկան էր :

Յաջորդ տարին մայիս 28-ի հանդիսութիւնը կատարուեցաւ նոյն սրահին մէջ: Տիկին Տէր Մինասեանը եկած էր նորէն: Հանդիսութեան վերջաւորութեան նոյն ձեւով զինք բեմ բարձրացուցին, որ ըսէ իր խօսքը: Այս պատուարժան տիկինը տուաւ իր կարճ պատգամը, որ վերջինը պիտի ըլլար.«Խօսքս ձեզի է, երիտասա՛րդ տղաք,  միայն հայ աղջկայ  հետ ամուսնացէք»:

Տէր Մինասեաններուն որդիները լաւ կրթուած,  շատ սահուն հայերէն կը խօսէին՛ առանց հայկական դպրոց յաճախած ըլլալու: Անոնք դարձան գիտնականներ: Կրտսերը՛ Լեւոնը ճանչցած եմ Պէյրութ եւ յետոյ Փարիզ, ուր միասին մաս կը կազմէինք «Ռուբէն» ուսանողական խումբին: Ան ամուսնացաւ  Անահիտ Տէր Մինասեանին հետ, որ յետոյ դարձաւ շատ ծանօթ փրոֆեսոր: Լեւոնը նաեւ գործունեայ կուսակցական էր եւ շրջան մը եղաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:

Ռուբէն Տէր Մինասեանը ճանչցողները պիտի չզարմանային բնաւ, որ ան ունեցած է հայկական բարձր  ոգիով սնանած ընտանիք մը:  Ան մեր յեղափոխական շարժման պատմութեան մէջ եղած է բացառիկ դէմք մը: ֆետայի, մասնակցած է շատ մը կռիւներու Մուշի, Սասունի եւ Կարսի մէջ. աջակցած է Արամ Մանուկեանին եւ Գէորգ Չաւուշին: Ան նաեւ մեծ մտաւորական մըն էր. յաճախած էր Էջմիածինի Գէորգեան  ճեմարանը  եւ Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը, աւելի ուշ իր համալսարանական ուսումը շարունակած էր Ժընեւի մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին Ռուբէն Տէր Մինասեանը դարձած  էր կեդրոնական  դէմք  մը  իր լայնածաւալ գիտութեամբ`  քաղաքական, զինուորական, կազմակերպչական  եւ  տարբեր մարզերու մէջ: Ան նաեւ սքանչելի գրող մըն էր. հեղինակած է բազմաթիւ  գիրքեր, յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ` պատմական, քաղաքական, աշխարհագրական եւ տարբեր նիւթերու մասին:

Հոս պիտի յիշեմ դրուագ մը` ընկեր Ռուբէն Տէր Մինասեանին հետ կապուած:

Աշնան օր մը, մայրամուտին, հինգ ուսանողներ եկած էինք Ժողովրդային Տուն, որ Պէյրութ քաղաքի մեր ակումբն էր, Սուրբ Նշան եկեղեցիէն  ոչ  շատ հեռու, տալու կուսակցական մեր երդումը  եւ  մտնելու Դաշնակցութեան շարքերը: Առաջնորդուեցանք սենեակ մը, ուր մէջտեղը մեծ սեղանի մը շուրջը շարուած էին աթոռներ: Սենեակը ունէր երկու պատուհաններ, որոնց տախտակէ դուրսի փեղկերը գոցուած էին  եւ ներսը ելեկտրական լոյսը վառած էր, թէեւ կարելի էր այդ փեղկերը բաց պահել եւ լոյսը չգործածել,  օրը տակաւին բաւական լուսաւոր էր:

Քիչ յետոյ սենեակ մտան Ռուբէն Տէր Մինասեանը, որ Լիբանան  կը գտնուէր այդ շրջանին, եւ երիտասարդ մը. այս վերջինը սեղանին վրայ բացաւ կարմիր դրօշակը, դրաւ վրան ատրճանակ մը եւ յետոյ դուրս ելաւ սենեակէն: Ռուբէնը կատարեց երդման արարողութիւնը  եւ ապա տուաւ հակիրճ  պատգամ մը, որուն միտքը այն էր, որ այս ուխտովը մենք կը դառնայինք դաշնակցական` նուիրուելու համար հայ ժողովուրդին:

Այս արարողութեան աւարտին, երբ  բոլորս դուրս եկանք  սենեակէն, մեծ սրահին մէջ գտնուող միւս ընկերներէն ոչ ոք  մօտեցաւ մեզի  շնորհաւորելու համար  մկրտութիւնը, որովհետեւ տեղեակ չէին,  որ երդման արարողութիւն մը կատարուած էր եւ նորեկներ անցած էին շարքերը . թերեւս անոնք մտածեցին, որ ժողով մը տեղի ունեցած էր ներսը:

Վերջին շրջաններուն, ընդհանրապէս երդման արարողութիւնները կը կատարուին աւելի մեծ հանդիսութեամբ, բազմաթիւ ընկերներու ներկայութեան եւ յաճախ կը վերջանան խրախճանքով: Այս մէկը տարբեր էր. շատ պարզ եւ համեստ, հաւանաբար  ընկեր Ռուբէնը այդպէս փափաքած էր եւ կարելի է ենթադրել նաեւ, որ ան ուզած էր վերյիշել եւ վերապրիլ անցեալի այն օրերը, երբ յաճախ կ՛այցելէր  տարբեր գաւառներ,  ուր հայ գիւղացին եւ քաղաքացին կը սպասէին Ռուբէն փաշայի գալստեան, որպէսզի լուծեն  իրենց անձնական, ընտանեկան եւ այլ հարցերը: Նոյն ատեն, եթէ կարիքը ըլլար, ան կը կատարէր նաեւ պարզ եւ թաքուն երդման արարողութիւններ:

Ժամանակ մը ետք Ռուբէնը ընտանիքով փոխադրուեցաւ Փարիզ եւ  քանի մը տարի ետք, 1951-ին, փակեց իր աչքերը 69 տարեկանին:

 

Տեսակէտ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի` 28 Մայիս 2018-ի Ոչ Համարժէք Տօնակատարութիւնը Հայաստանի Մէջ

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ակնարկելով մէկ տարի առաջ լոյս տեսած «Ազդակ»-ի 27 մայիս 2017-ի «Ազգի շարունակականութեան ապահովումը» խմբագրականին, (1) նաեւ 2018-ի մայիս 28-ի «Ազդակ բացառիկ»-ին մէջ լոյս տեսած Շահան Գանտահարեանի «Վերակառուցակարգել հայկական աշխարհը» յօդուածներուն` առաջինէն կը մէջբերեմ.

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծրագրաւորման եւ նշումին համար յառաջացած պետական յանձնաժողովը, տարածաշրջանային ու տեղական յանձնախումբերը եւ համակարգուած աշխատանքը փաստեցին, որ մենք ազգովին ամէնէն համահայկական նիւթին շուրջ կրնանք համախմբուիլ, հռչակագիր խմբագրել, հրատարակել եւ համայն աշխարհին մէջ աննախընթաց համախմբուածութեամբ ներկայանալ մեր աշխատանքներով, մեր պահանջներով եւ մեր հեռանկարային մօտեցումներով:

Պատճառ չկար, որ նոյնքան կարեւոր իրադարձութեան նշումը (Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նշումը) նահանջ արձանագրէր այդ բարձրակէտէն: Աշխատանքներուն տրուէր նոյն տարողութիւնը, նոյն հարթութիւնը, համախմբուելու նոյն ճիգը եւ մանաւանդ նախապատրաստուելու նոյն ժամանակը: Հայաստանեանէն տեղափոխուէր համահայկական հարթութիւն»:

Համահայկական տարողութեամբ 100-ամեակի տօնակատարութեան ծրագրաւորում տեղի չունեցաւ: Պետական յանձնախումբ մը`«Յանձնաժողով` մայիսեան յաղթանակներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի» զբաղեցաւ այս հարցով:

«Մայիսեան յաղթանակներ»-ուն շարքին մէջ նկատի առնուած էր նաեւ Խորհրդային Միութեան «Հայրենական մեծ պատերազմ»-ի յաղթանակին նշումը, որ իրականութեան մէջ, հեգնօրէն, հայ ժողովուրդին համար սուգի օր պէտք է հռչակուի, քանի որ շուրջ 300 հազար հայ զինուորներ զոհուեցան այնտեղ: Միքայէլ Հաջեանի (Մայիսի 9` Հայոց Եռատօն» իր յօդուածին մէջ կ՛ըսէ. «Հարկ է նշել, որ պատմութեան մէջ երբեւէ հայ ժողովուրդը միաժամանակ ռազմի դաշտ չի հանել այդքան զինուոր (շուրջ կէս միլիոն Խորհրդային Միութենէն, եւ շուրջ 100 հազար սփիւռքէն, ՅՉ) եւ որեւէ պատերազմի ժամանակ այդքան մարդկային կորուստներ չի տուել»… «Խորհրդային հայազգի քաղաքացիների 25 տոկոսը մարտնչում էր» (2) , որոնց 15 տոկոսը զոհուեցաւ:

Ճիշդ է, որ միւս կողմէ` հայկական զօրախումբեր բացառիկ հերոսական նուաճումներ արձանագրեցին. օրինակ` Հայկական 89-րդ Թամանեան զօրքը` Նուէր Սաֆարեանի հրամանատարութեամբ, առաջինն էր, որ հակառակորդին մայրաքաղաք` Պերլին մտաւ, ու այնտեղ հայ զինուորները քոչարի պարեցին:

Ցաւով հարկ է նշել այստեղ, ապրիլ-մայիս ամիսներու «թաւշեայ յեղափոխութեան» ընթացքին կարգ մը անգէտ, կամ երախտակորոյս,  ապերախտ ռուս քաղաքական դէմքեր, որոնք լկտիօրէն, անարդար կերպով եւ անամօթաբար, անտեսելով 300 հազար հայ զոհերը, եւ այն ալ` «Հայրենական մեծ պատերազմ»-ի մայիսեան յաղթանակի յիշատակի օրերուն, շրջելով իրականութիւնը, մօտաւորապէս յայտարարեցին, որ` «Հայերը պատմութեան ընթացքին ռուսերուն միայն բեռ եղած են…»: Մինչդեռ խորհրդային վարչակարգն էր, որ դաւադրաբար, 1921-1922-ին,  Հայաստանի Հանրապետութեան մաս կազմող, հայու արիւնով ազատագրուած հողերէն, Արցախն ու Նախիջեւանը Ազրպէյճանի հոգատարութեան յանձնեց, Ախալքալաքը Վրաստանին նուիրեց, Արեւելեան Հայաստանի Կարս, Արտահան եւ Սուրմալու շրջանները, Արարատ լեռով ու Անիով միասին, պարտուած Թուրքիոյ նուիրեց, եւ իրեն, Խորհրդային Միութեան իրաւայաջորդ` Ռուսիոյ քաղաքական դէմքերն են:

Արմէնփրես կը գրէ. «Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթից յետոյ մեկնարկեց ռազմական հանդիսաւոր շքերթը, որի ընթացքում ներկայացուեց հայկական բանակի ձեւաւորման պատմութիւնը, մայիսեան հերոսամարտերու, Հայրենական մեծ պատերազմի, արցախեան ազատամարտի ժամանակ հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարի ուղին» (3):

Ինչո՞ւ, իրար խառնելով ամէն ինչ, տարբեր բնոյթի «մեծաքանակ» այս հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին նաեւ օտար երգեցողութիւններ եւ  ռուսերէն «Յաղթանակի օր» քայլերգը կատարուեցաւ… Ի՞նչ տրամաբանութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը վճռորոշող Սարդարապատի ճակատամարտի հարիւրամեակին նուիրուած եւ անոր յատուկ յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ օրուան խորհուրդին անյարիր այսպիսի յայտագիր մը:

Պէտք է նշել, որ օրին` 9 մայիս 2018-ին արդէն իսկ արժանաւոր կերպով տեղի ունեցան Շուշիի ազատագրման, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման եւ «Հայրենական մեծ պատերազմ»-ի տօնակատարութիւնները… Ինչո՞ւ այս կրկնութիւնը: Չէ՞ր արժեր Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակի տօնակատարութիւնը իւրայատուկ եւ լիարժէք կերպով, առանց շեղումի եւ շփոթի կատարել:

Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան շէնքը այժմ` ճաշարան

Բացայայտ է արդէն իսկ փաստուածը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումին ազգային, միջազգային եւ պատմական արժէքը տակաւին համարժէք գնահատականին չէ արժանացած Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ,  եւ խորհրդային շրջանի յոռի ու թշնամական մտայնութիւնը բոլորովին չէ վերացած: Երբ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին կառավարութեան կանգուն շէնքը ճաշարանի վերածուած է, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր կերտիչներէն Արամ Մանուկեանի կանգուն բնակարանը կիսաքանդ վիճակի հասցուցած են` փոխանակ տուն- թանգարանի վերածելու. երբ Արամ Մանուկեանին շիրիմը տակաւին Թոխմախ, գերեզմանատան մէջ կը գտնուի եւ ոչ թէ` Եռաբլուրի մէջ, երբ Արամ Մանուկեանի արձանին տեղադրումը կ՛առկախուի «աւելի յարմար վայր» գտնելու պատճառաբանութեամբ. Երբ 28 մայիս 2018-ին հեռատեսիլի Հ1 հանրային կայանի մայիս 28-ի յատուկ «Հայոց պետականութեան վերածնունդը» յայտագիրին խօսնակը կ՛ըսէ.«Սա պատմութեան նուէ՞րն էր հայ ժողովուրդին, թէ՞ առանձին առաջադէմ գործիչների ծրագրի արդիւնքը, դժուար է ասել» (4): Եթէ դժուար է ասելը, լաւ կ՛ըլլար, որ այս մասին կարծիք չյայտնէիք:

Եթէ տակաւին «նուէր»-ի տրամաբանութեամբ է, որ կը խօսուի «մայիսեան հերոսամարտերուն» եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին մասին… Ամօ՛թ, հազա՛ր ամօ՛թ:

1 Յունիս 2018

————————–

(1)  http://www.aztagdaily.com/archives/349112
(2)  http://www.aztagdaily.com/archives/392505
(3)  https://armenpress.am/arm/news/935202.html
(4)  https://www.youtube.com/watch?v=rUUjsQdlpJU&feature=share

 


Անդրադարձ. Մընպեժի Անկումն Ու Եփրատի Արեւմտեան Ափին Վրայ Քրտական Գործօնի Չքացումը

0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները Ուաշինկթընի մէջ Մընպեժի «Ճամբու քարտէս»¬ին շուրջ գոյացուցին համաձայնութիւն մը, որ առանց Սուրիոյ կառավարութեան արտօնութեան Սուրիոյ տարածք մուտք գործած երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւն մըն է, ուստի եւ ժամանակաւոր:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ ատիկա «Միացեալ Նահանգներու հետ վատթարացած յարաբերութիւնները  իրենց հունին վերադարձնելու առիթ մըն է»: Թիւր ընկալումները բացառելով թուրք-ռուսական յարաբերութիւնները թուրք-ամերիկեան համաձայնութեան կողմնակի ազդեցութենէն պաշտպանելու փորձով մը, Անգարա Մընպեժի շուրջ համաձայնութեան մանրամասնութիւններէն տեղեակ պահեց Մոսկուան:

Թուրքիա սկզբնական շրջանին, մասնաւորաբար ռուսական ռմբաձիգի վար առնուելէն ետք, Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ իր կրած ծանր կորուստներէն ետք հասկցաւ, որ չի կրնար իր շահերը պաշտպանել առնչակից շրջանային ու միջազգային կողմերուն` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի հետ ուղղակիօրէն հակադրուելով կամ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող մրցակցութեան մէջ «կողմ» ըլլալով, ուստի ճակատումի քաղաքականութիւնը փոխարինեց համադրումի քաղաքականութեամբ` արձանագրելով նկատառելի յաջողութիւններ, ինչպէս` Աֆրինի գրաւումը եւ այժմ Մընպեժէն քրտական ուժերու հեռացումը: Ձեռքբերումներ, որոնք կրնան նպաստել Էրտողանի ընտրապայքարին:

Մընպեժի շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ հակառակ թրքական կողմէն Ուաշինկթընի հասցէին հնչող սուր կեցուածքներուն: Վերջիններուս անհետեւանք մնալը կարելի չէ վերագրել ամերիկեան կողմի «համբերատարութեան», այլ պարզապէս Պաղ պատերազմին յաջորդած պայմաններուն: Արդարեւ, շնորհիւ շրջանին մէջ իրանեան գործօնի գոյութեան, Պաղ պատերազմի աւարտը մեծ ազդեցութիւն չունեցաւ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան վրայ եւ նոյն ատեն անոր շնորհեց ճկունութիւն ու ազատ գործելու կարելիութիւն: Նկատելի է, որ Պաղ պատերազմի աւարտին շնորհիւ համաձայնութիւնները դուրս եկան «ինծի հետ կամ ինծի դէմ» եւ «ամբողջը կամ ոչինչ» մտածելակերպէն ու սկսան գոյացուիլ տարբեր խնդիրներ իրարմէ անջատելով: Այսպէս, Թուրքիոյ ռուսական «Էս¬400»-ներ գնելու «գայթակղութիւն»-ը արգելք չեղաւ Մընպեժի շուրջ համաձայնութեան գոյացման:

Անգարան յաջողեցաւ քիւրտ զինեալները հեռացնել Մընպեժէն, սակայն չկրցաւ ամերիկեան զէնքերու յանձնումը ապահովել եւ Ուաշինկթընի կողմէ քրտական ուժերուն աջակցութիւնը արգիլել: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թուրքիոյ հետ համաձայնութեան օրն իսկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով աջակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ արեւելքին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ քրտական ուժերու գործողութիւններուն եւ հպարտութիւն յայտնեց անոնց հետ գործակցելուն համար: Այլ խօսքով` մերժեց «ահաբեկչական խմբաւորում»-ի մը հետ գործակցելու թրքական ամբաստանութիւնը եւ ընդգծեց, որ քիւրտերուն նկատմամբ ամերիկեան աջակցութիւնը պիտի շարունակուի:

Միւս կողմէ, քիւրտերը Աֆրինէն ետք կորսնցուցին նաեւ Մընպեժը, սակայն այս անգամ առանց դիմադրութեան: Թուրք¬ամերիկեան համաձայնութեան կնքումէն ետք, անոնք իրենց հովիւին թելադրանքով արտօրալով ու առանց գանգատի հեռացան շրջանէն: Մընպեժի անկումով չքացաւ Եփրատի արեւմտեան ափին վրայ քրտական գործօնը: Իսկ ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ քրտական գործօնին վերջալոյսը:

 

 

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Բարեւ

0
0

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ

Բարեւներ այս օրերուն
Կը տրուին ձեր ամէնուն.
Սակայն ամէն մէկ բարեւ
Պատճառ մ`ունի թէպէտեւ:
Եթէ ունիս կարճ պեխեր,
Պզտիկ բերնի շարժումէն
Կարծես թէ ճանճ կը քշեն,
Բարեւ կ`առնես մեղմօրէն:
Պեխեր ունիս շատ երկար,
Կը ծռեն գլուխ դէպի վար,
Կարծես ցաւէն վիզերնին`
Կը բարեւեն պնդողին:
Եթէ քեզի պէտք ունին
Նոյնիսկ ծայրէն միւս թաղին,
Ժպիտ մը մեծ երեսնին`
Վեր կը շարժեն ձեռքերնին:
Եթէ քեզի պարտք ունին
Կը նօսրանայ մարմիննին,
Կը շեղին աջ, ձախ ճամբէն
Որ չկրնան բարեւել:
Բարեւդ տուր նախ ծերին`
Միշտ արժանի յարգանքին,
Մաղթէ ուրախ, երջանիկ
Օրեր ապրի մտերմիկ:
Բարեւդ տուր փոքրիկին,
Շոյանք մ`անոր երերսին,
Հարցուր, թէ լաւ կը խաղայ,
Տունին մէջ չար կը կենայ:
Հարազատին թանկագին`
Նոյն արիւնէն կրողին`
Մեծ արժէք տուր գիտցողին,
Սէր, գուրգուրանք ցնծագին:
Բարեւդ տուր օտարին`
Պահանջուող առիթին,
Բարեկիրթ անձ գտնուիր,
Փոխադարձէ յարգանքին:
Դրացիիդ բարեւին`
Միշտ առիթ տուր ,կրցածիդ,
Հարեւանիդ անախորժ
Կը հանդիպիս ամէն օր:
Սիրականիդ բարեւին,
Փոխադարձէ ցնծագին`
Համբոյրներով սիրավառ`
Շրթունքներուն յար կայտառ:

Լիբանան

Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Յովհաննէս Բաղրամեան
(1897-1982)

* 1918 թուականի մայիսի վերջերին, այսպէս, հիմնականում յաղթականօրէն զարգացան հայկական զօրքերի անձնուէր հերոսութեամբ լի մարտական գործողութիւնները թուրքական բանակի դէմ, որը ձգտում էր գրաւել Արեւելեան Հայաստանի ամբողջ տերիտորիան: Հայկական զօրքերի յաջող մարտական գործողութիւնները ամէնուրեք հայ ժողովրդի մէջ մեծ բերկրանքի ու հպարտութեան զգացմունք էին առաջացրել:

Յատկապէս տպաւորիչ էր մեր զօրքերի յաղթանակը Սարդարապատի պատմական ճակատամարտում, որի ընթացքում հայկական զօրքերը տառացիօրէն ջախջախեցին թուրքական բանակի առաւել մարտունակ տիվիզիաներից մէկը եւ նրա մնացորդներին ստիպեցին խուճապահար նահանջել ընդհուպ մինչեւ Ալեքսանդրապոլ:

* Ամէն անգամ, երբ ինձ առիթ է ներկայանում այցելելու այդ պուրակ-յուշարձանը, ես ակամայ վշտով ու խոր ափսոսանքով եմ համակւում այն զոհերի նկատմամբ, որ ինկան 1918 թուականին, այն տանջանքների համար, որ կրեցին մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը:

Միաժամանակ եւ հպարտանում եմ, որ խոշտանգուած, կողոպտուած, արիւնաքամ ժողովուրդը, այնուամենայնիւ, աննկուն մնաց, ապստամբեց, մահացու կռուի ելաւ, նուաճեց յաղթանակը, նուաճեց կեանքի իրաւունքը` վերածննդի իրաւունքը:

* Եթէ չլինէին 1918 թուականի մայիսեան յաղթանակները, չէր լինի հայոց պետականութեան վերածնունդը, չլինէր Աւարայրի ոգին, չէր թեւածի Սարդարապատի յաղթանակը:

* …Ես մեծ յարգանքով լցուեցի ղարաբաղցի զինուորների նկատմամբ` մարտում նրանց ցուցաբերած քաջութեան, անձնազոհութեան ու անվեհերութեան համար:

Խորէն Ա. Կաթողիկոս Բարոյեան
(1914-1983)

* Հոգեկան անհուն հրճուանքով եւ ազգային հպարտութեան խնդալից զգացումներով կ՛ողջունենք յիսնամեակը այն բախտորոշ եւ լուսեղէն թուականին` 28 մայիս 1918-ին, երբ հայ ժողովուրդը վերջ տուաւ իր դարերու ստրկութեան մութ ու մռայլ պայմաններուն եւ հերոսական ոգորումներով տիրացաւ իր անկախութեան, դիւցազնական մարտնչումներով անգամ մը եւս արտայայտեց ազատօրէն ապրելու իր ազգային կամքը եւ պետական ինքնուրոյն դրութեամբ եւ դիմագծութեամբ ինքզինք իրագործելու իր աննկուն իտէալը:

* Դարձակէ՛տ է մայիս 28-ը հայոց պատմութեան մէջ: Այն հիմնաքա՛րը, որուն վրայ բարձրացաւ հայկական անկախ հանրապետութիւնը, եւ որուն շնորհիւ հայ անկախութեան պաշտպանութիւնը եւ որպէս գերագոյն նուիրականութիւն եւ արժէք ճանաչումը դարձաւ հայութեան ազգային ամենամեծ նախանձախնդրութիւնը եւ որպէս ազգ` անոր ամէնէն պերճախօս արժանիքներէն եւ փաստերէն մէկը:

* Հայրապետական Մեր այսու պատգամով կոչ կ՛ուղղենք Մեր բոլոր զաւակներուն` ի սփիւռս աշխարհի, վառ պահել ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարականն ու տեսիլքը մինչեւ «ՕՐՆ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ», որ անպայման պիտի գայ ու պիտի բանայ նո՛ր էջ հայոց պատմութեան մէջ, նո՛ր դարձակէտ հայ կեանքի մշտահոս եւ մշտանորոգ ընթացքին մէջ:

Կեցցէ՛ մայիս 28-ը,
Յաւէ՜տ ապրին հերոսները հայ պայքարին,
Թող բացուին «դռներն յուսոյ»
Երկրին Աւետեաց Հայոց Աշխարհին…

Սարգիս Զէյթլեան
(1930-1985, առեւանգուած)

* Հայաստանի անկախութեան կերտումը, մայիսեան դիւցազնամարտին ընդմէջէն, հայոց պատմութեան մեծագոյն անկիւնադարձն է, մահէն ի կեանք կամարուած անկրկնելի շրջադարձն է ան անտարակոյս:

Հայ ազգային անկախ պետականութեան կերտումով իր լրումին կը հասնի մեր ազգային ինքնակառոյցի վերականգնումը, կ՛ամբողջանայ եւ կ՛ամրապնդուի մեր ազգային ու քաղաքական դէմքը, դիմագիծը:

* Երէկ Հայկական հարցին բովանդակութիւնը Հայաստանի ստեղծումն էր եւ վերանորոգ հայութեան կերտումը: Այսօր այլեւս Հայաստան կայ, կա՛յ հայ ազգութիւն, կայ նաեւ հայ պետականութիւն:

Այժմ մեզի պակսողը այլեւս Հայաստանը չէ, այլ ամբողջական Հայաստանն է: Ներկայիս այլեւս մեր փնտռածը հայութիւնը չէ, այլ հայութեան ամբողջացումն է: Այսօր այլեւս չենք մտածեր հայութիւնը կազմակերպելու, այլ կը մտածենք համախմբելու մասին:

* Մայիսեան դիւցազնամարտը հայութեան մեծագոյն յաղթանակն է, ուրեմն, ոչ միայն իր ֆիզիքական գոյութեան պաշտպանութեան մարզին մէջ, այլեւ, այլ մանաւանդ իր քաղաքական կամքի գործարկման եւ ազգային պետականութեան կերտման ճակատին վրայ, իբրեւ համակշիռ սխրագործութիւն:

* Ազգին հետ, հայրենիքին հետ, հայ լեզուին, հայ մշակոյթին չափ կենսական է նաեւ անկախութիւնը` իբրեւ միւս բոլորին ապահովութեան ու անարգել զարգացման ամէնէն յուսալի գրաւականը: Որովհետեւ անկախութեան կորուստը կամ կորուստին հետ հաշտուիլը ոչ միայն ոչինչ չ՛ապահովեր վերջին հաշուով, այլեւ, ընդհակառակն, միւս բոլորը միասին եւ ամէն ինչ միաժամանակ կը վտանգէ ըստ ամենայնի:

…Պանծացնել մայիսեան դիւցազնամարտը` կը նշանակէ միշտ յիշել եւ, իբրեւ ներշնչման մնայուն աղբիւր, երբեք չմոռնալ պատմական այս մեծ դասը, որ կու գայ հայոց պատմութեան խորագոյն խորերէն եւ լուսաստղի պէս կը լուսաւորէ մեր ներկայ ու դեռ գալիք բոլոր սերունդներու ուղին, հոգին ու միտքը հաւասարապէս:

Քրիստափոր Փիրումով
(1895-1985)

* …Ես երբեք չեմ մոռանայ այն փոփոխութիւնը, որ կատարուել էր Սարդարապատում զինուորների հետ: Մինչեւ Ալեքսանդրապոլ նահանջած զինուորները հիմա ոչ մի տեղ չէին գնում, կանգ էին առել ու համախմբուել: Սարդարապատում բոլորին համակել էր կռուելու ցանկութիւնը, եւ դա երեւում էր նրանց դէմքերից: Բոլորն էլ միասին կռւում էին մի նպատակի` հայրենիքի փրկութեան համար:

* …Արարատեան դաշտի տարբեր գիւղերից ու վայրերից կանայք ու ջահել աղջիկներ հաց, ջուր, ուտելիք էին հասցնում կռուողներին: Ամէն օր գնացքները, ծանր բեռնուած, Երեւանից գալիս էին Սարդարապատ, եւ հայ կանայք իրենց բերած հացն ու ջուրը հասցնում էին առաջաւոր դիրքերում կռուող զինուորներին:

Գէորգ Թոփալեան
(Մելիտինեցի, 1898-1986)

* Պատմական ճշմարտութիւնը, որ տեղի ունեցաւ մեր օրերուն, այն է, որ Հայ յեղափոխականներու դաշնակցութեան հերոսները` որպէս անգերազանցելի ասպետներ, իրենց կուրծքերը իբր ամրակուռ վահան ծառայեցուցին պաշտպանելու համար հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութիւնը, ապա` իրենց սուրբ արեամբ գրելու համար մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն պայծառ էջերը:

Այդ հերոսներն էին, որ հետեւելով ակն ընդ ական, եւ ատամն ընդ ատաման ճշմարիտ նշանախօսքին, հայ ժողովուրդի արի-արանց զաւակները, ծառացուցին ջարդի ու թալանի տենչէն գազանացած անարգ թշնամիին դէմ եւ սպարտական քաջութեամբ մղելով Ղարաքիլիսէի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի  դիւցազնամարտերը վերջ տուին վեց հարիւր տարուան գերութեան եւ ոսկիէ տառերով հայ ազգային պատմութեան մէջ արձանագրեցին նորագոյն անկախութեան օրը, 1918 մայիս 28:

Կը հաւատանք, ի խորոց սրտի կը հաւատանք, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հինաւուրց հայ ժողովուրդի Վահագնեան քաջութեան, արութեան եւ գեղեցկութեան նորագոյն ճառագայթումն է:

Լեւոն Ադունց
(1895-1987)

* Մի քանի օրից յետոյ մեզ մօտ եկան գեներալ Սիլիկովը եւ Դանիէլ Բէկ Փիրումեանը` իրենց շքախմբերի հետ: Նրանք պարգեւատրեցին շատ մարտիկների եւ հրամանատարների, որոնք իրենց հերոսութեամբ եւ սխրագործութեամբ աչքի էին ընկել Սարդարապատի ճակատամարտում: Ես այստեղ ստացայ 2-րդ աստիճանի ոսկէ Գէորգիեւեան խաչ:

Հմայակ Խաչատրեան
(1900-1987)

*  …Մեր ձեռքի հրացանները կոչւում էին «Մոսին»…

Հրացանների գլուխներին շտիկներ էին ամրացուած: Օգտագործել ենք «Մաքսիմ» եւ «Կոլտ» մակնիշի գնդացիր: Հեծեալները իրենց կողքից կախուած թրեր ունէին, ինչպէս նաեւ` դաշոյն: Մեր գնդի դրօշը ցարական բանակի դրօշներից էր` կարմիր, կապոյտ, սպիտակ: Շատ հետաքրքիր, հայրենասիրական պաթոսով երգեր էինք երգում: Դրանցից էր «Մեր հայրենիք» երգը:

Աշխարհազօրային շարժման մասին պէտք է ասեմ, որ մեր գիւղի քահանայ Տէր Յովհաննէսը, Էջմիածնի վանքից Գարեգին եպիսկոպոսը, Դանիէլ վարդապետը, որոնք աշխարհազօրային շարժման կազմակերպիչներն էին, իրենց հետ երեք արշին բիազ էին վերցրել, որ որտեղ մեռնեն, այնտեղ իրենց պատանքը կարեն: Ինձ հետ մեր գիւղից Սարդարապատի ճակատամարտին մասնակցել են` Հրանդ Զոհրապի Սարգսեան` կապիտան, Հրաչեայ Զոհրապի Սարգսեան` սպայ, Ջանիբեկ Կարապետի Յարութիւնեան, Եսայի Խաչատուրի Թարփոշեան, Սարգիս Յակոբի Սարգսեան, Մեսրոպ Խաչատուրի Մանուկեան:

* …Մայիսի 22-ի առաւօտեան արդէն դիրքաւորուել էինք ու չէինք հաւատում, որ թուրքը մեզանից մի քանի մեթրի վրայ է: Առաւօտեան սկսուեց կռիւը: Այդ օրը մեր թնդանօթաձիգը զոհուեց: Թնդանօթը սկսեց գործի դնել մեր բարեկամներից մէկը` Հրանդ Զոհրապի Սարգսեանը (նա յաջորդ օրը մի շարք զօրամիաւորումների հետ տեղափոխուեց Բաշ Ապարան): Այդ օրը մեր խմբին միացաւ նաեւ «Ղաչաղ» Մելքուշը` իր հեծեալ խմբով… Մեր թնդանօթներն սկսեցին ռմբակոծել թշնամու դիրքերը եւ շարքից հանեցին նրանց թնդանօթները: Դրանից յետոյ մարտի նետուեցին մեր զինուորները, այդ թւում` նաեւ Մելքուշի խումբը… Մի քանի ժամ յետոյ բերեցին Մելքուշի դիակը:

Անդրանիկ Ծառուկեան
(1913-1989)

* Մոռնա՞լ: Բայց կարելի՞ է մոռնալ Արեւը, որ ամէն օր կ՛ողողէ հոգիդ, կը պայծառացնէ սրտիդ խաւարը, կը տաքցնէ մարմինդ, էութիւնդ: Կարելի՞ է մոռնալ Արեւը:

Փա՜ռք ուրեմն մայիսի պայծառ արեւին, կարմիր արիւնին, կապոյտ երկինքին եւ նարնջագոյն ու հասուն արտերուն…

Փա՜ռք, երեք գոյնով իր խորհուրդին Եռագոյն ու մէկ բառով իր իմաստին` Անկախութիւն:

Ու հազա՜ր փառք բոլոր անոնց, որ հսկայ իրենց բազուկներով, մեր խաւար երկինքն ի վեր արձակեցին արեւներուն ամէնէն պայծառն ու ամէնէն շքեղը` մայիս 28-ը…

* Մայիս 28-ը, Տապանակ ուխտին է հալածական ու որբ հայ ցեղին: Իր իտէալին, իր կամքին ու կորովին սրբանօթը, խտացած ուխտ մը` մեռելներէն կտակուած ողջերուն: Ապրելու հրաւէր, քալելու խթան, յաղթելու յոյս: Անկենդան ու բրածոյ նշխար մը չէ՛ նախնիքներէն մնացած, խորհրդանշան մը չէ՛ միայն հայրենիքին երջանիկ մէկ վայրկեանը ոգեկոչող, այլ հայրենիքը ի՛նքն իսկ է, կենդանի, բաբախուն յաւիտենակա՜ն հայրենիքը` ցեղին պէս արիւնաքամ, ցեղին պէս սգաւոր ու ցեղին պէս հաւատաւոր:

Տապանա՛կ ուխտի…

* Զուր պիտի անցնի ճիգը բոլոր անոնց, որ փորձեն իր ամբողջական ու կատարեալ փառքին մէջ ցայտեցնել հարազատ պատկերն ու տարողութիւնը մայիս 28-ին: Զուր, վասնզի արժէքը այս Օրուան, իր գոյութեան փաստին մէջ չէ, որ պէտք է փնտռել, այլ Խորհուրդին: Դժուար է այս ճշմարտութիւնը հասկնալի դարձնել նոր ժամանակներու նոր մարդուն, որ ամէն պատմական դէպք կ՛արժեւորէ իր նիւթական, շօշափելի արդիւնքով միայն: Դժուար, բայց ո՛չ հայուն համար: Որովհետեւ հայը ունենալէ առաջ մայիս 28-ը` ունեցաւ ապրիլ 24-ը: Այս երկու թուականները անքակտելի են իրարմէ: Մէկը կը լրացնէ միւսը: Մէկուն հերոսական ու շքեղ խոյանքն է, որ կը մեղմէ, կը հաւասարակշռէ անպատմելի ողբերգականութիւնն ու անյատակ սուգը միւսին:

* Արիւնից ծորած երիզ մի կարմիր,
Երկնքից պոկուած կտոր մի կապոյտ,
Հասուն հասկերի շող նարնջագոյն,
Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ
Դրօշ Եռագոյն…

* Երկինքն էր սառել ու չկար Աստուած…
Բայց ահա՛, ահա` հէքիա՞թ, թէ՞ հրաշք,
Ծառացաւ մի մարդ,
Հրաշքից փախած ու հրա՛շք մի մարդ.
Կանգնեց նա դաշտում մեր Արարատեան,
Դիակների մէջ եւ ագռաւների,
Եւ հաւատքն արած պողպատեայ վահան,
Եւ սէրն հայրենեաց մի շեփոր ռազմի`
Սոված, սարսափած մարդկանցից վհատ
Դարբնեց մի բանակ,
Եւ որպէս ոխից շիկացած երկաթ`
Խփեց ոսոխի ճակատին անարգ…

………………………….

Երբ չկար Աստուած, երկինքն էր դաժան,
Յիշո՞ւմ ես կրկին,
Ահեղ Բէլի դէմ ծառացող Հայկին
Եւ նրա թոռան.
Թո՞ռն էր նա Հայկի, զա՞րմը Վարդանի,
Դաւի՞թն էր մանուկ,
Հայոց լեռներում յայտնուած ոգի՞…
Յիշո՞ւմ ես նրա ճակատը պայծառ,
Անունն անթառամ-
Մանուկեան Արա՛մ…

* Քաջալանջ Հայկից թող մինչեւ Տիգրան,
Ու պերճ Տիգրանից մինչ Կարմիր Վարդան,
Ու մինչեւ, Գագիկ, ու մինչեւ Թորոս,
Մինչեւ Դաւիթ Բէկ
Եւ մինչեւ, մինչեւ Բաղրամեա՛նն հերոս,
Վե՛ր կենան մի հեղ,
Հողի տակ ապրող մարտիկները մեր
Վե՛ր կենան մի հեղ,
Եւ Արարատից մինչ անհաս երկինք,
Ու երկնքներից դեռ մինչեւ աստղեր,
Ու մինչեւ եթեր,
Ու մինչեւ Աստուա՛ծ.
Ու համբոյր տան ձեզ,
Ու տան ձեզ պատի՛ւ,
Տան Փա՛ռք ու պարծանք`
Հէ՛յ Սարդարապատ
Ղարաքիլիսա՛,
Հէ՛յ Բաշ-Ապարան…

Երուանդ Խաթանասեան
(1893-1989)

* Իրողութիւն է, որ 1918 մայիս 28-ին հայ ժողովուրդը վիթխարի մեծ ուժի մը դէմ յաղթանակ տարաւ: Ինչպէ՞ս կարելի եղաւ սակայն:

Մինակ մնացեր էր հայ ժողովուրդը: Վրացիներ լքած էին, ազրպէյճանցիներ` թշնամացած: Սպառնալիքի տակ էր Հայաստան: Ստեղծուած էր ահաւոր վիճակ, յուսալքում եւ յուսահատական մթնոլորտ:

Յանկարծ հնչեղ ձայն մը զէնքի հրաւիրեց հայ ժողովուրդը: Այդ ձայնը ՀՅ դաշնակցութեան ձայնն էր: Անոր ոգիով ու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցան ահռելի կռիւները:

* Մայիս 28-ը` ամէնէն շքեղ առասպելն է, իրական, աւելի իրական, քան` իրականութիւնը: Հաւատքով կռուեցաւ հայ ժողովուրդը: Իւրաքանչիւր կռուողի մէջ հայութիւնը կար:

Հայ ժողովուրդը ոչ միայն պարտադրեց իր կամքը` յաղթելով թշնամիին, այլ նաեւ ինքը` զգաց, թէ ապրելու արժանի ազգ մըն է:

(Շար. 7)

 

Վարչապետ Փաշինեանի Այցը Վրաստան…Ուղերձներ Եւ Սպասելիքներ…

0
0

Գրեց` ՎԱՀԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Հայաստանի նորընտիր վարչապետ Ն. Փաշինեանը մայիսի  30-31 իր առաջին պաշտօնական այցը կատարեց Վրաստան: Այցելութեան երկրորդ օրը վարչապետը այցելեց նաեւ հայաբնակ Ջաւախք, ինչ որ աննախադէպ էր վերջին տասնամեակների համար, եթէ հաշուի առնենք,  որ Ն. Փաշինեանը համարւում է պետութեան առաջին դէմքը: Իսկ Հայաստանի առաջին դէմքը, յանձինս նախագահ  Լ. Տէր Պետրոսեանի, վերջին անգամ Ջաւախք  (ք. Ախալքալաք) էր այցելել ուղիղ 22 տարի առաջ ճիշդ այս օրերին` հեռաւոր 1996 թ. յունիսի  սկիզբին:

Այդուհանդերձ, Հայաստանի ղեկավարների 22-ամեայ ընդմիջմամբ տեղի ունեցած սոյն այցերը Ջաւախք ունեցել են տարբեր շարժառիթներ: 1990-ական  թթ.կէսերին Ջաւախք գործուղուած բազմաթիւ վրացի դիտորդների զեկուցագրերում  նշւում էր այն մասին, որ Թիֆլիսի իրաւասութիւնները  փաստացի  չէին տարածւում Ջաւախքի վրայ: Ահա սա էր գլխաւոր հիմնախնդիրը, որի այս կամ այն ձեւով լուծման գործում տուեալ շրջանում  շատ մեծ էր պաշտօնական Երեւանի դերակատարութիւնը, իսկ նախագահ  Լ. Տէր Պետրոսեանը կարող էր խաղալ  «հաշտարարի» դեր:

Եւ այս հիմնախնդրի` յօգուտ Վրաստանի լուծման գործում  Էտ. Շեւարտնածէի կողմից մեծապէս կարեւորուեց  Հայաստանի հետ կայուն յարաբերութիւններ հաստատումը: Էտ. Շեւարտնածէի  ուղեկցութեամբ Լ. Տէր Պետրոսեանի` Ախալքալաք կատարած այցը խորապէս պայմանաւորուած էր նաեւ Հայաստանում շուտով (սեպտեմբեր 22)  տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններով, եւ Լ. Տէր Պետրոսեանը, քաջ գիտակցելով  Հայաստանում հարիւր հազարաւոր ջաւախահայութեան դիրքորոշման կարեւորութիւնն իր յաղթանակի գործում, ձգտեց դրական կարծիք ձեւաւորել իր անձի հանդէպ հէնց Ջաւախքից: Նա անգամ չի թաքցրել  այդ մասին եւ Ախալքալաքում կատակով նշել է, որ իր նախընտրական քարոզչութեան մեկնարկը տրուեց Ջաւախքից:

22 տարի անց Հայաստանի նոր ղեկավարի  Ջաւախք այցի հանգամանքներն իրապէս տարբեր են: Այստեղ խօսք չի կարող լինել առաջիկայում սպասուող ընտրութիւններին Հայաստանի վարչապետի` ջաւախահայութեանն իր կողմը գրաւելու ցանկութեան մասին, առաւել եւս, որ այդ ընտրութիւնների տարեթիւն ու ձեւաչափը դեռ խիստ անորոշ են: Դատելով Ն. Փաշինեանի Ջաւախքի բնակավայրերում հնչեցրած մտքերից` հարկ է նշել, որ վարչապետը յայտարարեց միջպետական յարաբերութիւնների նոր որակի ստեղծման մասին, որն իր դրական հետքն է թողնելու նաեւ Ջաւախքում: Փաշինեանը նաեւ հանդէս եկաւ ջաւախահայութեանն ուղղուած  շնորհակալանքի եւ երախտագիտութեան ուղերձներով, որոնցում արժեւորեց ջաւախահայութեան մասնակցութիւնը  ապրիլ-մայիսեան համաժողովրդական շարժմանը:

Վերջին շրջանում բարձրաստիճան փոխայցերի ժամանակ երկու երկրների տարբեր գերատեսչութիւնների միջեւ միջպետական պայմանագրեր հազուադէպ են կնքուել կամ ընդհանրապէս չեն կնքուել: Երեւի թէ իմաստ էլ չկար կնքելու նոր պայմանագրեր:  Հայաստան-Վրաստան միջպետական յարաբերութիւնների նախորդ  շրջանի վերլուծութիւնը ցոյց է տուել, որ հարցերն աւելի շատ կարգաւորուել են անձնական շփումների միջոցով, իսկ կնքուած շատ պայմանագրեր երբեք չեն գործել`  հանդիսանալով սոսկ  արարողակարգային զարդ:

Հայաստանի վարչապետ Ն. Փաշինեանի այցը եւս այս մասով աչքի չընկաւ. այն աւելի շատ ճանաչողական բնոյթի էր: Ն. Փաշինեանի այցի պարագայում միջպետական պայմանագրերի կնքման բացակայութիւնն ինքնին հասկանալի է, քանի որ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները Հայաստանում ստեղծուած բոլորովին նոր իրողութիւններին համահունչ կերպով ձգտեցին նոր ազդակներով եւ ուղերձներով հանդէս գալ վրացական իշխանութիւնների առջեւ` դրանով նոր հողի վրայ տեղափոխելով միջպետական յարաբերութիւնները:

Նախորդ հրապարակումներում փաստել էինք, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը, ի տարբերութիւն  նախորդի, բոլորովին այլ ընկալումներ ունի վրացական իշխանութիւնների մօտ, որը կուտակուած բազմաթիւ հիմնահարցերի լուծման յոյսեր է ներշնչում: Այս մեր համոզումը փաստուեց այցի ընթացքում Վրաստանի  ղեկավարութեան կողմից հնչեցուած մտքերով, երբ ե՛ւ վարչապետ Քվիրիքաշվիլու, ե՛ւ նախագահ Մարկվելաշվիլու կողմից յատուկ շեշտուեցին Փաշինեանի` ժողովրդական լայն հեղինակութիւն վայելելու եւ ժողովրդավար գործիչ լինելու հանգամանքը:

Ենթադրելի է, որ բարձրաստիճան հանդիպումներուն քննարկուել են նաեւ այնպիսի հարցեր (որքանով որ դրանք կը տեղաւորուէին առաջին ծանօթութեան շրջանակներում), որոնք չարտացոլուեցին պաշտօնական այցի հրապարակային մասում: Փոխարէնը` Հայաստանի վարչապետն իր հրապարակային ելոյթներում ունէր յստակ (իրական Յ.Մ.) ուղերձներ, որոնցից կարելի է եզրակացնել հետեւեալը.

1.- Հայաստան- Վրաստան յարաբերութիւններում ստեղծուած ջերմ եւ անկեղծ մթնոլորտը պէտք է (օգտագործուի) եւ կիրառուի միջպետական յարաբերութիւնների բոլոր ոլորտների վրայ,

2.- Ինչպէս Հայաստանը, այնպէս էլ Վրաստանը պէտք է ապացուցեն,  որ սեփական քայլերում չկան թիկունքային հարուածներ, չկան սադրիչ եւ թշնամական գործողութիւններ,

3.- Մինչ այժմ գոյութիւն ունեցած կասկածանքի եւ անվստահութեան տարրերը պէտք է տեղի տան անկեղծ եւ կառուցողական քննարկումներին,

4.- Պէտք է վերակազմաւորուեն այն բոլոր գործիքները, որոնք կարգաւորում են միջպետական յարաբերութիւնների մի շարք ոլորտներ: Այստեղ կարեւորուեց յատկապէս վերջին շրջանում անարդիւնաւէտ գործող, կամ գրեթէ չգործող,միջկառավարական տնտեսական եւ միջխորհրդարանական յանձնաժողովների գործունէութեան (լարուած) վերսկսումը,

5.- Հայաստանը ամէն կերպ աջակցելու է ջաւախահայութեան արժանապատիւ կեանքի կազմակերպմանը, եւ այստեղ այլ տողարակ փնտռելը  յարիր չէ  առկայ բարեկամութեանը,

6.- Վրաստանը պէտք է ջանքեր գործադրի, որպէսզի աշխարհասփիւռ  ջաւախահայութեան շրջանում եւս սկսուի ներգաղթի գործընթաց, ինչպէս դա տեղի է ունենալու Հայաստանում, իսկ դրա համար Վրաստանի իշխանութիւնների աջակցութեամբ Ջաւախքում պէտք է ստեղծուեն  հոգեւոր եւ տնտեսական լաւագոյն պայմաններ,

7.- Ջաւախահայութիւնը պէտք է շարունակի ամուր կանգնել հայրենի հողի վրայ, նեցուկ կանգնի սեփական պետութեան` Վրաստանի հզօրացմանը, միաժամանակ իր թիկունքում զգալով յաղթանակած Հայաստանի գոյութիւնը:

Ն. Փաշինեանի գլխաւորած կառավարական այցը Վրաստան իսկական «ձնհալ» առաջացրեց հայաբնակ Ջաւախքում: Հանրութիւնը տեսաւ, որ քաղաքական կամքի առկայութեան դէպքում  Հայաստանի առաջին դէմքը կարող է իր կնոջ ու բարձրաստիճան այլ անձանց հետ շրջել Ջաւախի հեռաւոր գիւղերով, ջերմ խօսքերով ողջունել  հայրենակիցներին, լուսանկարուել, համբուրել փոքրիկներին եւ այլն:

Այդ նոյն կամքի առկայութեան դէպքում Հայաստանի բարձրաստիճան գործիչները` նախարարներ եւ այլք, կարող են շրջել Ախալքալաքի փողոցներով, ճաշել հասարակ սրճարանում, հանդիպել կրթամշակութային կեդրոններ, հոգատար ձեռքերով փաղաքշել սաներին, լուսանկարուել, ծանօթանալ խնդիրներին ոչ թէ պաշտօնական զեկուցագրերից, այլ` կենդանի շփումներով:

Բազմաթիւ խնդիրների պայմաններում ապրող ջաւախահայութեան համար, կարծում ենք, ոչ պակաս կարեւոր են այսպիսի այցերը: Միւս կողմից` վրացական իշխանութիւնները, տեսնելով այս ամէնը, պէտք է արմատապէս վերացնեն այն կասկածանքի եւ անվստահութեան մթնոլորտը, որն առկայ է հայութեան հանդէպ` ընդհանրապէս, իսկ Ջաւախքում` մասնաւորապէս:

Վրաստանի իշխանութիւնները, կարծում ենք, այսպիսի այցերով եւ շփումներով պարտաւոր են համոզուել, որ Հայաստանի ղեկավարը, նախարարը կամ պաշտօնեան ոչ թէ «վտանգաւոր», «անջատողական» կամ «ռուսական» յորջորջուող հրահրիչ է, որին պէտք է հետեւել, անյապաղ մեկուսացնել եւ ամէն կերպ բացառել հանրութեան հետ վերջինիս շփումները, այլ սովորական մարդ է, հարեւան, բարեկամ, քրիստոնեայ, իսկ Ջաւախքում կամ Վրաստանի մայրաքաղաքում ապրող հայութեան շրջանում վերջինիս ունեցած հետաքրքրութիւնները բացառապէս մարդասիրական են եւ չեն հետապնդում յետին  նպատակներ:

Մեսրոպեան Ուղղագրութեան  Վերածեց`
Յարութիւն Մըսրլեան

1 յունիս 2018

http://javakhkmedia.com

 

Կիպրոսի ԷՏԷՔ Ընկերվարական Կուսակցութեան Ներկայացուցիչները Արցախի Մէջ

0
0

Կիպրոսի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Արցախ ժամանած են Կիպրոսի ԷՏԷՔ ընկերվարական կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Նիկոլաս Խրիտունը եւ Նիկոսիայի Մարզային կոմիտէի անդամ զօրավար Խրոստոտուլոս Լեֆկարիտիսին` Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Մանուկեանի ուղեկցութեամբ:

Մայիսի 26-ին պատուիրակութեան անդամները հանդիպում ունեցած են Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ օրինապահպանութեան հարցերով մնայուն յանձնաժողովի անդամներ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը եւ Վիլեն Սաֆարեանը:

Վահրամ Բալայեանը իր խօսքին մէջ ողջունած է Կիպրոսի պատուիրակութեան այցը Արցախ` նշելով, որ Կիպրոսի ու Արցախի ժողովուրդները բախտակից են ճակատագրով, եւ այդ ճանապարհը թոյլ կու տայ ներկայ ժամանակներուն ունենալ ջերմ յարաբերութիւններ:

«Արցախ թերահաւատութեամբ այցելող քաղաքական գործիչները ժամանելով մեր երկիր, կը դառնան մեր բարեկամները եւ մեր դեսպանները իրենց երկիրներուն մէջ: Յոյսով եմ` դուք ալ մաս կը կազմէք մեր բարեկամական շրջանակին, նշած է Վ. Բալայեանը` յոյս յայտնելով, որ միասնական Կիպրոսի գաղափարը վերջիվերջոյ կը լուծուի, աշխարհը կը գիտակցի, որ ատիկա յունական հող է եւ կը պատկանի յոյն ժողովուրդին: Արդարութեան համար ամէն մէկ պայքար ի վերջոյ կը հասնի  յաջողութեան»:

Ի պատասխան` զօրավար Խ. Լեֆկարիտիսին, որ առաջին անգամ  կ՛այցելէ Արցախ, նշած է. «Կիպրացիներն ու հայերը նոյն ճակատագիրը ունին: Երկու ժողովուրդներն ալ շատ հեռուէն կու գան եւ նոյն քաղաքակրթութիւն ունին, ճիշդ ատոր համար ալ մեզի կը նախանձին նոր ձեւաւորուող ժողովուրդները: Մենք ունինք նոյն դաւադիր թշնամին, որ եկաւ հեռաւոր Ասիայէն եւ խաթարեց ոչ միայն կիպրացիներուն ու հայերուն խաղաղութիւնը, այլեւ` ամբողջ տարածաշրջանի: Յոյսով ենք, որ հայ ժողովուրդի պայքարելու ուժը մօտ ապագային կը տանի միջազգային ատեաններու մէջ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման: Ձեր յաջողութիւնները մեր յաջողութիւններն են: Կիպրոսը միշտ եղած է Արցախի ժողովուրդի կողքին, եւ մենք ատոր համար այսօր այստեղ ենք: Կիպրոսը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ջատագովներէն է», իր խօսքին մէջ ըսած է զօրավար Խրոստոտուլոս Լեֆկարիտիսին` շեշտելով, որ հայերու պահանջներն ու իրաւունքներն այնքան արդար են, որ միայն ստախօսը կրնայ այդ ժխտել:

Ամփոփելով հանդիպումը` երկու ժողովուրդներու ներկայացուցիչները փոխհամագործակցութեան հաստատման յայտարարի եկան: Կիպրոսի եւ Արցախի միջեւ կապերը սերտացնելու վերաբերեալ քննարկումները շարունակուած են Ստեփանակերտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոնի մէջ` կառոյցի ներկայացուցիչ Դավիթ Իշխանեանի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Լեռնիկ Յովհաննիսեանի եւ Վահագն Դադայեանի հետ:

Ընկերավար միջազգայնականի անդամ երկու կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները համոզուած են, որ միջկուսակցական յարաբերութիւնները պէտք է դրուին ամուր հիմքի վրայ:

«Կը կարծեմ, որ կուսակցական մակարդակով համագործակցութեան ամրապնդումը կը տանի պետական երկու միաւորներու` Կիպրոսի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ համագործակցութեան խորացման», իր խօսքին մէջ նշած է Դաւիթ Իշխանեանը:

Նշենք, որ այցի ընթացքին Կիպրոսի պատուիրակութեան անդամները հանդիպում ունեցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանին հետ: Նախատեսուած է նաեւ այցելութիւն` Պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկը:

Viewing all 12041 articles
Browse latest View live