Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12047 articles
Browse latest View live

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ի՞նչ Կը Փնտռէ Քաղաքացիական Հասարակութիւնը

0
0

Որեւէ երկրի մէջ անհանդուրժողութեան ալիքները բարձրանալ կը սկսին այն պահուն, երբ տիրող ընկերային անարդարութեան, տնտեսական անձուկ կացութեան դիմաց իշխող ուժեր կամ ղեկավար մարմիններ երկրի կառավարման աշխատանքը թափանցիկ չեն դարձներ հասարակութեան համար ու առողջ քննադատութիւնը կամ բողոքը չեն ընդունիր որպէս հասարակութեան արդար հակադարձութիւն կամ կացութիւններու լուծումներ որոնող պոռթկում, այլ կը համարեն սոսկ տուեալ մարմիններու վարկազրկման ուղղուած կամ երկրի ազգային անվտանգութիւնը խաթարող երեւոյթներ:

Խորքին մէջ, սակայն, կարելի չէ իշխող որեւէ տարրի համար անտեսել ընկերային անարդարութիւնն ու անոր ընդառաջ` ժողովրդային բողոքը, որովհետեւ այդ պարագային նաեւ փխրուն կը դառնայ երկրի մը ազգային անվտանգութիւնը, երբ մանաւանդ կը վերանայ բարեփոխումներու նկատմամբ վստահութիւնը, եւ թափ կ՛առնէ արտագաղթը: Ժողովուրդին վստահութիւնը առաւելաբար կարելի է շահիլ` տիրող դժուարութիւններու ընկալման ու բարեկարգումներու ռազմավարութեան ու մարտավարութեան հաղորդակից դարձնելով զինք եւ կացութիւններու փոփոխութեան գործնական փաստեր ցոյց տալով անոր: Սա կը թելադրէ նախ եւ առաջ աշխատանքի թափանցիկութեան ապահովում, որ իր կարգին, բնական հունով մը, կը նպաստէ փտածութեան, մանաւանդ ընկերային ու տնտեսական աւելի համընդգրկուն աղէտի պատճառ հանդիսացող մենաշնորհեալներու վերացումին:

Յառաջադէմ քաղաքականութիւն վարող երկիրներու մէջ կարելի չէ չնկատել թափանցիկ գործունէութեան տրուած կարեւորութիւնը, որուն նախապայմաններէն կը համարուին` հաշուետու աշխատանքը, հասարակութեան իրազեկումը, օրէնքներու յարգումը եւ ազատ խօսքի երաշխաւորումը:

Իրազեկութեան մէջ ալ կարեւոր են հաւասարակշռութեան պահպանումը, անվտանգութեան նկատառումը:  Հասարակութիւնը իրազեկ պէտք է դառնայ երկրին ու հասարակութեան շահերուն պահպանման ի նպաստ մշակուած ծրագիրներուն, տարուող աշխատանքներուն, բայց մանաւանդ` տեսանելի արդիւնքներուն:

Ազատ մամուլը, բազմակարծութիւնը, այլ կարծիք ունեցողը թշնամի չհամարելու տրամաբանութիւնը  նոյնքան կը նպաստեն քաղաքացիական առողջ հասարակութեան ձեւաւորման, պատասխանատու հաշուետուութեան ու տարուող աշխատանքներու արդիւնաւէտութիւնը տեսանելի դարձնելու իշխող տարրի ճիգերուն կրկնապատկումին:

Այսօր նկատելի է զանգուածային լրատուամիջոցներու, յատկապէս համացանցի կարելիութիւններու օգտագործումը  պետական բարձրաստիճան ղեկավարներու կողմէ, ինչ որ զիրենք գործնապէս հաղորդակից կը դարձնէ ժողովուրդին, ժողովուրդը իրազեկ կը դարձնէ տարուող իւրաքանչիւր աշխատանքի, փոխադարձաբար ղեկավարը կը շօշափէ ժողովուրդին բազկերակն ու անոր համահունչ կը դարձնէ իր մշակած ծրագիրները: Փաստօրէն ղեկավար տարր-հասարակութիւն անկաշկանդ հաղորդակցութեան հարթակ մըն է սա, որ աստիճանաբար աւելի տարածուն կը դառնայ արդի աշխարհին ու անոր պահանջներուն հետ քայլ պահել փափաքող ղեկավարներուն մօտ:

Աշխատանքի այս թափանցիկութիւնը, խօսքի ազատութիւնը յարգող կազմակերպութիւններն ու իշխանութիւններն են, որոնք ներկայ ժամանակներուն յարիր գործելաոճով պիտի կարենան արդիւնաւէտ աշխատանք տանիլ ու ժողովուրդին եւ յատկապէս քաղաքացիական հասարակութեան վստահութիւնը շահիլ:

«Գ.»

 


Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. 90-ամեայ Համազգայինի Տեսլականը

0
0

«Իմաստութիւնը ո՛չ թէ տարիքի, այլ կրթութեան եւ ուսման արդիւնք է»:
Անթոն Չեխով (1860-1904, ռուս գրագէտ)

Շարունակ կը մոռնանք եւ լուսանցքի տակ կ՛առնենք, որ մայիս 28-ը միայն Հայաստանի առաջին անկախութեան օրը չէ, այլ նաեւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան օրն է: Յաւելեալ շփոթ ալ չստեղծենք: Տասը տարուան տարբերութիւն կայ երկու տարեդարձներուն միջեւ:

Այս տարի կը նշենք Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Սարդարապատի հերոսամարտերու եւ Ա. հանրապետութեան հարիւրամեակը, որ թէեւ կարճ տեւողութիւն ունեցաւ, սակայն ձգեց ոսկի եւ անմոռանալի փայլք մը հայոց պատմութեան էջերուն մէջ: Տասը տարի ետք, երբ Հայաստանը արդէն Խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէր, Համազգայինը հիմնուեցաւ, բնականաբար հայրենի հողէն հեռու` Գահիրէի մէջ:

Այդ թուականները կը զուգադիպին հայ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթի քաղաքական ու մշակութային նշանակալից վերիվայրումներուն: Հայոց ցեղասպանութիւն, ապա  քանի մը տարի ետք` անկախութիւն, եւ 1921-էն սկսեալ Խորհրդային Միութեան հալածանքները պատճառ դարձած էին, որ «մնացորդաց»-ը` վերապրողները, ցիր ու ցան, բնակութիւն հաստատէին զանազան ցամաքամասերու եւ երկիրներու մէջ:

Վիճակը ահազանգային էր: Հայ բանաստեղծին գրած «կարմիր լուրեր»-ը կը շարունակուէին ճերմակ ջարդով, որ շատ աւելի վտանգաւոր եւ մահացու էր: Ջարդ մը, որուն անմիջական պատճառը նոյնինքն հայորդին էր, որ սկսած էր տեղի տալ ու սայթաքիլ կեանքին եւ ճակատագրին դիմաց:

Հոս է, որ քանի մը մտաւորականներ, 28 մայիս 1928-ին, բուրգերու քաղաքի հովանիին տակ, Գահիրէի մէջ, Համազգային հրատարակչական ու մշակութային ընկերակցութիւնը հիմնելու լուսաւոր գաղափարը ունեցան: Հետագային որոշ փոփոխութիւններ կրելով` ան վերանուանուեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն: Անոնց համար միտք բանին պարզ ու մեկին էր. «Համազգայինի նպատակն է նոր սերունդին ընդհանուր կրթութեան կողքին ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն` փորձելով պահպանել ազգային գիտակցութիւնն ու մշակութային աւանդութիւնները հայրենիքէն դուրս ապրող ժողովուրդի մնացորդացին մօտ»:

Մտահոգուած էին այդ ինը մտաւորականները, որոնց կարգին էին յատկապէս` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ Համօ Օհանջանեանը, մանկավարժ ու գրական քննադատ Նիկոլ Աղբալեանը, գրագէտ ու մանկավարժ Լեւոն Շանթը եւ բեմադրիչ ու արուեստի քննադատ Գասպար Իփէկեանը:

Իրավիճակը ահազանգային էր: Տաժանակիր գործ կար կատարելիք: Հայորդիին ապրելաձեւը փոխուած էր: Պէտք էր շտապ գործի լծուիլ եւ խթանել հայ ազգայինները, որոնք կրնային նպաստել հայ գաղթօճախներու կառուցման, միացման եւ յարատեւման:

Այսօր, իննսուն տարի ետք, արագ անդրադարձ մը կատարելով` կարելի է նախանձիլ, որ իբրեւ ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւն` այս միութիւնը կը գործէ աշխարհի չորս ցամաքամասերուն, կրթական, մշակութային եւ արուեստի բնագաւառներուն մէջ:

Եւ դեռ ալ կատարելիք գործ ունի տարբեր աշխարհ մը ստեղծելու հայորդիին համար` մշակոյթի եւ արուեստի աշխարհ մը, զոր ֆրանսացի գրագէտ Անտրէ Մորուա (1885-1967) կը նկարագրէ պարզ նախադասութեամբ մը. «Արուեստը ստեղծելու ճիգ մըն է, իրականէն աւելի` մարդկային աշխարհ մը»:

Այս է տեսլականը Շանթերու, Աղբալեաններու, Օհանջանեաններու կերտած 90-ամեայ Համազգայինին:

Ուխտի Ճանապարհներ Ռէտթէոս Պէրպէրեանի Գերեզմանը

0
0

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Զոհրապին վերագրուած վկայութեամբ, «Ռէտթէոս Պէրպէրեան պարտականութեան մարդն էր, օգտակարին, գեղեցիկին եւ բարիին քարոզիչը»: Այդպէս ալ տեսայ ու կարդացի անոր գերեզմանին կառուցուած յուշակոթողին վրայ, Սկիւտարի հայոց գերեզմանատուն այցելութեանս ընթացքին: Վերջին տարիներուն վերատպագրուած Թէոդիկի հանրածանօթ «Ամէնուն տարեգիրքը» 1908 տարուան հատորին մէջ ալ յետ այդու կարդացած եմ 1876-ին  Քաղկեդոնի (Գատըգիւղ), ապա Սկիւտարի մէջ հիմնած սեփական, իր անունով կոչուած Պոլսոյ Պէրպէրեան  վարժարանի ու գաւառներու նորահաս սերունդի գիշերօթիկի բաժնով արժեւորման վերաբերեալ` «31 տարուան դպրոցն իր փառքի կոթողը մնաց` հասցնելով երկրին ու համայնքին պատիւ բերող բազմաթիւ սաներ»:

Իրապէս, մինչեւ 1907-ի իր վախճանը Սիամանթոյի, Վահան Թէքէեանի եւ Լեւոն Բաշալեանի տարողութեամբ բանաստեղծ ու մտաւորական մեծութիւններ հասցուցած անոր վարժարանը ի սկզբանէ եղած է դաստիարակչական մեծ կոչումի տէր հաստատութիւն: Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանէն առաջ ան  հանդիսացած է իր սաներուն կեանքի եւ գործի մէջ յաջողելու պատրաստութիւն ջամբող կրթական ընթացիկ հաստատութիւն մը ըլլալէ զատ` հայ ուսանողի ազնուական կերպարի կազմաւորման հնոցը:

Վերադարձիս իր մասին յաւելեալ հետաքրքրութիւններուս մէջ կարդացի «Ի զուր» խորագրով քերթուածը, որմէ կը մէջբերեմ վերջին այս տողերը` որպէս վերջաբան.

«Աչքերուս մէջ ա՜լ արցունք մը ունիմ լոկ,

Քաղցր ու տխուր յիշատակ մը յիմ սրտին,

Բերնիս վրայ լոկ անուն մը` իբր աղօթք,

– Եւ ոտքիս տակ մի շիրիմ…»:

 

Արամ Մանուկեանի Սիրտը Դեռ Կը Տրոփէ Արարատի Գագաթին (Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակ)

0
0

Դժգոհները չեն ճանաչում Արամին: Երբ ճանաչեն, կը համոզուեն, որ ներկայումս նա ՄԻԱԿ կարող մարդն է այդ պաշտօնին համար: Ես ինչո՞ւ եմ հրաժարւում. որովհետեւ մէկ է` ես ինքս առանց Արամի ոչինչ չեմ անելու:

Զօր. Մովսէս Սիլիկեան
(Մայիսեան յաղթանակներու ընդհանուր հրամանատար)

Եւ ինչո՞ւ սիրտը. չէ որ մարդու հոգին է, որ յետմահու կ՛ապրի ու կը սաւառնի, անսահման ու անեզր երկրագունդի ամբողջ տարածքին: Միթէ Արամ բացառութի՞ւն կը նկատուի: Աւելի՛ն. ան հոգի չունեցող ա՞նձ մըն էր, թէ՞ մենք կը խօսինք տարբեր մոլորակէ ծնունդ առած էակի մը մասին:

Ո՛չ, Արամ Մանուկեան Հայաստանի սրբատաշ լեռներու ծնունդն է: Ան աշխարհ եկած է Ղափանի Զէյվա գիւղը: Անոր միտքն ու հոգին սնունդ առած են մշակոյթի մայրաքաղաք Շուշիի մէջ: Իբրեւ հայրենապաշտ եւ ըմբոստ երիտասարդ, կանուխէն անդամագրուած է ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն, եղած է գաղափարի զինուոր ու եզակի յեղափոխական, բայց մանաւանդ` անկրկնելի կամքի տէր հայորդի:

Փաստօրէն, Արամ Մանուկեան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին (1879-1919), որ եղած է կարճ եւ սակայն այնքան բովանդակալից, ցոյց տուած է մտային, հոգեկան, մարտական, ռազմագիտական, բարոյական ու բարձր կորովի այնպիսի ունակութիւն, որուն նմանը հայ ժողովուրդը ունեցած է մէկ անգամ «700  տարուան ընթացքին», ըստ  հմուտ պատմաբան Ռաֆայէլ Իշխանեանի:

Արդ, երբ առանց վարանումի կ՛անդրադառնանք Արամի կերպարին եւ անոր զուլալ էութեան, այլապէս կ՛ուզենք շեշտադրել, որ անոր սրբազան սիրտը տակաւին կը շարունակէ տրոփել, շնչել ու շնչաւորել, այդ ալ հայոց աստուածներու բնակավայր լերան` Արարատի գագաթին, նաեւ կ՛ուզենք վերահաստատել մեր հաւատքը անոր հրաշափառ կենսագրութեան հանդէպ: Աւելի՛ն. վերյիշեցնել, թէ Արամի մեծութիւնը կարելի չէ խտացնել արձանի մը պարփակեալ տարածքին մէջ:

Ի դէպ, Արամի արձանի կանգնեցման վայրին մասին առկայ են բազմաբնոյթ առարկութիւններ, անտեղի մեկնաբանութիւններ, նոյնիսկ` յերիւրանք:

Ա՛լ ինչ խօսք սովորական ու նորաբոյս մահկանացուներու քմայքոտ, սին եւ անտեղի մտմտուքներուն մասին, որոնք ի յայտ եկան վերջերս, երբ որոշուեցաւ սրբազան այս տղուն արձանը տեղադրել Երեւանի հրապարակին վրայ:

Արամի նկատմամբ պաշտամունք ցոյց տուողներն անգամ կրնան հարցադրել, եւ իրաւացիօրէն, թէ ի՞նչն է, որ զինք կը զատորոշէ այլ մեծութիւններէ, քաջազուններէ եւ հայրենիքի նուիրեալներէ: Արդեօք միայն Արամի՞ վերապահուած սրբատեղիի մը (արձանի կանգնեցում) մասին է խօսքը, թէ՞ տուեալ արտայայտութիւնը կը վերաբերի նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ամէնէն թանկագինը` կեանքը զոհեցին Արարատին համար, հայրենիքի ու ժողովուրդի պաշտպանութեան ի խնդիր:

Արդարացուած եւ ոչ արդարացուած վերոնշեալ հարցադրումները ունին մէկ պատասխան. այո՛, Արամի կողքին ու անոր համահաւասար, հայ ժողովուրդի յայտնի ու անյայտ անձնազոհներու արձանները պէտք է ողողեն  հայրենիքի իւրաքանչիւր թիզ հող, գիւղ ու քաղաք, կեդրոն ու հրապարակ, որպէսզի անոնց քարեղէն ու ոգեղէն ներկայութիւնը զգաստութեան եւ սթափութեան հրաւիրէ մեզ` բոլորս, ի հայրենիք ու սփիւռս աշխարհի, որպէսզի նորահաս սերունդներ անոնցմով դաստիարակուին, հպարտանան, հասակ առնեն եւ ստեղծագործ մտքի ու շունչի պահապանները ըլլան:

Յայտնապէս, ինչպէ՞ս հասկնալ ու ըմբռնել դաշնակցական Արամի այնքան ուժեղ նկարագրային բարեմասնութիւնները, անոր` ժողովուրդ մը ամբողջ հոգեզինելու կարողականութիւնը, ազգի բազմաշերտ հոսանքներուն նկատմամբ անոր ցոյց տուած սէրն ու յարգանքը, մանաւանդ` անոնց վստահութիւնը վաստկելու ներքին ուժը, որով ան կը տարբերէր նոյնքան քաջ ու անձնազոհ զինակիցներէ:

Տակաւին 22-ամեայ (1901) Արամ, Պաքուի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով կը ստանձնէ քաղաքին մէջ աշխատող հայորդիներու դաստիարակութիւնը` զանոնք մղելով դէպի սուրբ աշխատանք` ազատագրական պայքարի յորձանուտ: Երկու տարի ետք (1903), Արամ կը յայտնուի Կարսի մէջ, դէպի Երկիր անցնելու մտադրութեամբ, սակայն այստեղ դարձեալ կը վաստկի տեղւոյն դաշնակցական բարձրագոյն մարմինին ամբողջական վստահութիւնը` Կարսի մէջ մնալու եւ գաղափարական սնունդ ու մարտական ոգի ջամբելու հայ երիտասարդութեան: Իր ստանձնած այս պատասխանատուութեան մէջ ո՛չ միայն կը յաջողի, այլեւ` հայոց պատմութեան ոսկեայ էջերուն` Կարսի հնոցի անգերազանցելի աւանդը կը ձգէ յետնորդ սերունդներու:

1904-ին Արամ կը յաջողի մուտք գործել Վան: Ազատագրական պայքարի  օրրան Վասպուրական աշխարհին մէջ, ան կը ստեղծէ իր հոգեկան-բարոյական եւ քաղաքական-յեղափոխական ծառայասիրութեան կայսրութիւնը: Իրօք, կայսրութիւն մը, որ կը վայելէ տեղւոյն ժողովուրդին սէրը, յարգանքը, նեցուկն ու վստահութիւնը: Վանի մէջ Արամի կուսակցական աշխատանքները նուազ հանգստաւէտ չեն ըլլար, որովհետեւ անոր կը սպասէին կազմակերպչական, մարտական եւ յեղափոխական դժուարին այնպիսի գործեր, որոնց յաջողութեան պսակադրումը կախեալ էր Արամի անկոտրում կամքէն:

Աննկուն եւ հաւատամքի տէր Արամ Մանուկեան քաջաբար ստանձնեց իրեն վստահուած աշխատանքները եւ ամէն ճիգ ի գործ դրաւ իր լրումին հասցնելու զանոնք: Ան մինչեւ 1916 թուական, իր կողքին ունենալով դաշնակցական թէ այլ կուսակցութեանց ընտիր գործիչներ եւ ֆետայիներու փաղանգներ, կրցաւ ձեռնհասութեամբ կազմակերպել Վանի ինքնապաշտպանութիւնը (1915), արժանանալ Վանի կառավարիչի կոչումին եւ շնորհիւ իր ռազմավարի կարողականութեան, ռուսական զօրքերու նահանջի ազդանշանին ի լուր, կրցաւ աւելի քան երկու հարիւր հազար հայութիւն առաջնորդել դէպի Արարատեան դաշտ:

Մեզի համար անփոխարինելի եւ այլոց համար այսպէս ըսած «սովորական» ֆետայի Արամ 1918-ի արհաւիրքի ամիսներուն արդէն հռչակուած էր «դիկտատոր»: Անոր տրուած էր ամբողջական լիազօրութիւն, որպէսզի կարենայ առաջնորդել ազգ ու բանակ եւ հայրենիքը փրկել ստոյգ կորուստէ:

Հայոց ազգային խորհուրդի եւ սեփական ժողովուրդի անվերապահ աջակցութիւնը վայելող Արամի համար ուրիշ ելք չկար, քան համախմբել ազգային ներուժը, կազմակերպել ազգը եւ նետուիլ պատերազմի դաշտ:

Սակայն ազնուահոգի, մեծ մարդասէր ու դաշնակցական Արամ Մանուկեանի համար կար մէկ ու միակ մտահոգութիւն, ինչպէս ըսած են իր կենսագիրները. «Ես մի բանից եմ վախենում,- ըսած է Արամ,- վախենում եմ` մենք սեւերես դուրս գանք մեր ժողովուրդի առջեւ, չկարողանանք կազմակերպել գործը եւ կորցնենք նրա հաւատն ու վստահութիւնը»:

Ահաւասիկ դաշնակցական հսկայի մը ամենախոնարհ հաւատամքը, ուժը:

Կը թուի, թէ ազգապաշտ Արամի համար նոյնքան էական եղած է ժողովուրդին ցուցաբերած վստահութիւնը, որքան` հայրենիքի կորուստը, որովհետեւ զիրար ամբողջացնող եւ անվիճարկելի արժէքներ եղած են անոր համար: Այդուհանդերձ շատերու համար նման կեցուածք ու համոզում ցարդ կը մնան անըմբռնելի, նոյնիսկ առկայ պատմական անվիճելի վաւերաթուղթերու եւ արխիւային հարստութիւններու լոյսին տակ:

Զարմանալին այն է, որ 100-ամեակի այս օրերուն, տակաւին գոյութիւն ունին անհատներ թէ որոշակի միջավայրեր, որոնք ինչ-ինչ դրդապատճառներով ու  ապազգային զգայնութեամբ կը մօտենան այն հարցին, թէ «չի կարելի Արամի արձանը տեղադրել Երեւանի հրապարակին վրայ»:

Իսկ պատճա՞ռը նման մերժումի. անոնք մերթ կը գրեն ու մերթ կ՛ըսեն, թէ Արամ Մանուկեան մինակը չէր, որ կերտեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Աւելի՛ն. անոր նստատեղին Երեւանը եղած է, իսկ պատերազմի ճակատներուն վրայ կը կռուէին բազում հերոսներ, հրամանատարներ ու զինուորականներ:

Արդ, ծիծաղելին այն է, որ այդ հրաշափառ օրերուն եւ ճգնաժամին, կարծես ազգ մը ամբողջ կուրօրէն հմայուած էր Արամով եւ չէր տեսած կամ չունէր այսօրուան տկլոր մտայնութեանց տէր մարդոց այսպէս ըսած «սառն դատողութիւն»-ը:

Մինչդեռ, հազիւ 40-ամեայ Արամ իր կեանքի կէսէն աւելին անցուցած էր պատերազմի թոհուբոհին մէջ, ո՛չ միայն զէնն ի ձեռին, այլեւ` ժողովուրդի ցաւն ու տառապանքը սրտին, յեղափոխութեան ամէնէն ծանր աշխատանքը իր ուսերուն, նետուած էր անհաւասար պայքարի դաշտ, պաշտպանելու հող ու ընտանիք, ազգային փառք ու արժանապատուութիւն:

Միւս կողմէ, ո՞ր տխեղծ միտքն ու հոգին կրնայ արժեզրկել Դանիէլ Բէկ Փիրումեաններու, Թովմաս Նազարբէկեաններու, Մովսէս Սիլիկեաններու, կամաւորական գունդի հրամանատարներու, առիւծասիրտ զինուորներու եւ ֆետայիներու նուիրումն ու անձնազոհութիւնը: Ո՞վ կը համարձակի ըսել, թէ մայիսեան յաղթանակները կերտուեցան շնորհիւ անձի մը լոկ, որ կարծես ունէր գերմարդկային ուժ ու կարողութիւն:

Պարզ ու անսեթեւեթ վերոյիշեալ տրամաբանութենէն թելադրուած տեղին ու արդար է հարցադրել, թէ ինչո՞ւ մարդիկ տակաւին կը շարունակեն նսեմացնել Արամի մեծութիւնն ու կատարած սրբազան գործը, «Երեւանը չյանձնելու» անոր հրաշափառ կոչը, որոշումը, կամքը, ներուժը, կորովը, ազգը սթափեցնելու գիտակցութիւնը,  բարոյալքուած ժողովուրդ մը իր վիճակէն ազատելու համարձակութիւնը:

Դարաւոր թշնամիին` թուրքին դէմ աննահանջ մարտնչելու եւ անմնացորդ նուիրուելու Արամի կոչը բարեբախտաբար լսելի դարձաւ, եւ ազգ ու բանակ ձեռք-ձեռքի տուած,  անտրտունջ եւ ինքնավստահ  հաւատացին Արամ Մանուկեանի վսեմ կեցուածքին ու կերտեցին Սարդարապատ, Բաշ Ապարան ու Ղարաքիլիսէ:

Ու այդ օրէն, հայութիւնը իր արարատասէրի սրտին ու հայրենապաշտի հոգիին մէջ ամրագրեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրին` Արամ Մանուկեանի պայծառ անունը: Հայոց պատմութիւնը պատուով արձանագրած է, թէ հրաշք իր զաւկին թաղման օրը ազգ մը ամբողջ կ՛արտասուէր. «Հազարաւոր մարդիկ եկել էին վերջին յարգանքը մատուցելու այն մարդուն, որին վստահել էին իրենց բախտը ամենածանր օրերին»:

Այո՛, վստահած էին անոր, որ ունէր դաշնակցականի գաղափարական կերտուածք, մարդկային ազնուագոյն նկարագիր ու յեղափոխականի բարձրաթռիչ հոգի ու կամք: Վստահած էին անոր, որ սիրել ու յարգել, նուիրուիլ ու մեռնիլ գիտէր յանուն գաղափարի, ազգի ու հայրենիքի պաշտպանութեան:

Իրօք, ի զուր չէ ըսուած ու տակաւին կ՛ըսուի, ու պիտի շարունակենք ազգովին բարձրաձայն գոչել` շիրիմիդ լոյս Արամ Մանուկեան:

Երկար մոռացութենէ ետք ու շատ սպասուած` հայավայել ու պետական մակարդակի որոշումին ընդառաջ, մեր կարգին կ՛ըսենք, առանց Արամի ու անոր նմաններու ազատատենչ ու մարտունակ ոգիի ներկայութեան, ո՛չ ազգեր կրնան գոյատեւել, ո՛չ ալ հայրենիք ու պետականութիւն կը կերտուին, փաստը` Արցախի ազատագրումն ու Հայաստանի վերանկախացումն էր:

Արդ, հայոց քաջազուններու սրտերը չեն դադրիր տրոփելէ, յետմահու անգամ, որովհետեւ անոնք արժանավայել բնակիչներն են հայոց աշխարհին, արձանով թէ առանց արձանի, հրապարակին վրայ թէ անշուք գերեզմանի մէջ:

Դաշնակցական Արամի մեծութիւնը կ՛ըմբռնեն բոլոր անոնք, որոնք սուլթան մը ունին իրենց հոգիին մէջ: Վերջ:

 

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

28 մայիս 2018

 

Մայիս 68-էն Յիսուն Տարի Ետք` (Հայկական) Յեղափոխութիւնը 21-րդ Դարուն

0
0

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ յեղափոխութիւնը սկսած, կազմակերպած եւ իր յաջող աւարտին հասցուցած երիտասարդութիւնը շատ հաւանաբար անտեղեակ է, որ իր նախաձեռնութիւնը կը զուգադիպի Փարիզի մէջ մայիս 1968-ին ծայր առած ուսանողական ըմբոստութեան եւ զօրաշարժի յիսնամեակին:

Մայիս 68-ը, ինչպէս ժողովրդականացաւ երեւոյթը, պատմութիւն է արդէն: Բայց, ինչպէս այդ օրերու անցուդարձերուն մասին արդէն լոյս տեսնելու սկսած բազմաթիւ յօդուածներ եւ պարբերաթերթերու յատուկ համարներ ցոյց կու տան, կէս դար ետք տակաւին կենդանի եւ բանավէճի առարկայ է անոր ունեցած համաշխարհային անդրադարձը: Իշխանափոխութիւն տեղի չունեցաւ այն ժամանակ, ոչ ալ աշխատաւորութիւնը ոտքի կանգնեցաւ` միանալու համար ուսանողական ցոյցերուն: Բայց մայիս 1968-ը առաջնորդեց հասարակութեան մէջ մշակութային եւ բարքերու արմատական փոփոխութեան: Այս իմաստով, մայիս 68-ը եղաւ ազատագրման եւ, հետեւաբար, քաղաքական նորարարման շարժում մը: Անշուշտ ճիշդ չէ համաշխարհային մակարդակով հասարակական վերափոխումի երեւոյթին պատճառական կապը տեսնել մէկ անդրադարձի մէջ: Փաստօրէն, Սորպոնի համալսարանէն սկսած ուսանողական զօրաշարժին նախընթաց էր Միացեալ Նահանգներու Պըրքլիի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցը, որ վերածուեցաւ Վիեթնամի պատերազմին դէմ ծառացած շարժումի: Մարթին Լութեր Քինկ եւ Չէ Կեւարա արդէն իրենց դրոշմը դրած էին խտրականութեան թէ շահագործումի դէմ պայքարի տարբեր բնորդներու, եւ դեռ կարելի է բազմաթիւ այլ օրինակներ նշել: Բայց փարիզեան մայիս 1968-ը ունէր իր յատուկ քաշողականութիւնը, այնպէս, ինչպէս որ 1789-ի Ֆրանսական յեղափոխութիւնը ունեցած էր, հակառակ որ անգլիական թէ ամերիկեան յեղափոխութիւնները անոր նախորդած եւ նոյնիսկ ներշնչում եղած էին: Մայիս 68-էն ետք, օրինակի համար, բնապահպանական շարժումը վերածուեցաւ Կանաչներու քաղաքական ուժին եւ անոր հիմնադիր ղեկավարներէն շատեր մայիսեան զօրաշարժին մասնակիցներ էին: Ի տարբերութիւն Ֆրանսական յեղափոխութեան յաջորդած բոլոր յեղափոխական շարժումներուն` մայիս 68-ը ընկերատնտեսական առարկայական պայմաններու դրդումով ծայր առած զօրաշարժ մը չէր: Անոր մղիչ էական ուժը մտաւորականներն էին, որոնք կը կոչուէին` Սարթր, Լաքան, Ֆուքոլթ, Ալթիւզեր… Անոնց գրութիւններն էին, անոնց դասերն էին, անոնց ժողովրդական յանձնառութիւնն էր, որ կախարդեց ամբողջ երիտասարդութիւնը, եւ ոչ միայն` Ֆրանսայի կամ Եւրոպայի մէջ:

Մայիս 1968-ի հետեւանքները անշուշտ միայն դրական չէին: 1980-ական թուականներուն քաղաքական թէ ընկերային պահպանողականութեան վերադարձը Ռիկընի ու Թաչըրի հետ, որոշ չափով հակազդեցութիւն էր մայիս 68-ին յաջորդած հասարակական բարքերու արմատական ազատականացման: Աւելի՛ն. այդ օրերուն Փարիզի փողոցներուն մէջ Սարթրին ու Ալթիւզերին կողքին քալող ուսանողներէն շատեր, որոնք Չինաստանի մէջ նոյն տարին տեղի ունեցած այսպէս կոչուած Մշակութային յեղափոխութիւնը ողջունած էին, տասնամեակ մը յետոյ վերածուած էին գաղափարախօսական վերադարձը կատարող քաղաքական աջի օրկանական մտաւորականներու: Նախկին ծայրայեղ ձախ մտաւորականներու նման` շրջադարձի հիմնական պատճառը խորհրդային համայնավարութեան իրականութեան իրենց գիտակցումն էր Սոլժենիցիի գործին ընդմէջէն եւ վերարժեւորումը` ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու, որոնք ցարդ արհամարհուած էին որպէս քաղքենիական երեւոյթներ: Ի դէպ, 1968-ը միայն ձախակողմեան գունաւորում ունեցող փարիզեան մայիսը չէր: Անիկա նաեւ «Փրակայի գարուն»-ի տարին էր, երբ այն ատեն Չեխոսլովաքիոյ մէջ, դարձեալ մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ, փորձ կատարուեցաւ «մարդկային դէմքով ընկերվարութիւն» կերտելու: Ընկերվարութեան «մարդկայնացումը», որ ո՛չ քաղաքական բնոյթի էր, ո՛չ ալ հարցականի տակ կը դնէր գաղափարախօսական արժէքները, այնքան վախցուց խորհրդային ամբողջատիրութիւնը, որ հրասայլերու տակ ճզմեց համակարգը, ոչ թէ քանդելու, այլ` փրկելու այդ յոյսը: Կը մնայ, որ մայիս 1968-էն անմիջապէս ետք էր, որ Եւրոպայի մէջ Պաղ պատերազմի կարծրատիպը տեղի տալու սկսաւ, այն ատեն Դաշնակցային Գերմանիոյ վարչապետ ընկերվար-ժողովրդավար Ուիլի Պրանտը թապու մը քանդելով` յարաբերութիւններ հաստատեց Արեւելեան Գերմանիոյ հետ սկիզբ տուաւ Օսթփոլիթիքին որ, 1970-ականներուն, Տեթանթի ոլորտին մէջ, ենթահող ստեղծեց Հելսինքեան համաձայնագիրին: Մոսկուայի կողմէ արհամարհուած այդ փաստաթուղթին անդրադարձը հազիւ թէ հարցականի տակ կը դրուի այսօր: Արեւելեան Եւրոպայի մէջ անիկա վերածուեցաւ այլախոհական շարժումի ազատագրութեան գլխաւոր դրօշակին, որ բարձր ծածանեցաւ 1980-ականներու աւարտին ծայր առած «թաւշեայ» յորջորջուած յեղափոխութիւններուն ժամանակ:

Մայիս 68-ը շատ հաւանաբար իր հետքը ձգեց նաեւ օրին հասակ առնող սփիւռքի երրորդ սերունդին վրայ: Այնպէս, ինչպէս օրին միջազգային ոլորտը յատկանշող բոլոր այլ յառաջդիմական երեւոյթները, ի մասնաւորի` Երրորդ աշխարհի մէջ ծաւալող ազատագրական շարժումները: Թէ ինչպէ՛ս արժեւորել այդ անդրադարձը` արդէն պատմա-ընկերաբանական (historical sociology) մասնագիտական ուսումնասիրութեան խնդիր է, որ երանի տոքթորական աստիճանի կոչումի պատրաստուող ոեւէ ընկերային գիտութեանց մասնագէտ հետաքրքրէ: Անհրաժեշտ նիւթ մը, համանման արդէն իսկ առաջին ուսումնասիրութեան մը առարկայ դարձած` «Հայերը եւ Պաղ պատերազմը», կամ` աւելի արդիական եւ հետեւողականօրէն քննարկուող «Հայերը եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւնը» նիւթերուն, ի խնդիր սփիւռքագիտութեան ամրակայման որպէս գիտա-ուսումնասիրական ոլորտ: Սփիւռքեան եւ ընդհանրապէս հայութեան պատմական գործընթացին մէջ 1965 թուականն է, որ անկիւնադարձ կը համարուի. խորհրդանշական ծնունդը երրորդ սերունդին եւ Հայ դատի պահանջատիրական պայքարին:

Թէ Հայաստանի մէջ «երրորդ սերունդ» հասկացողութիւնը կ՛իմաստաւորուի՞, թէ՞ ոչ, առանձին վերլուծում է: Յստակ է սակայն, որ խորհրդային կարգերուն դէմ ծաւալած այլախոհական շարժումը թափ առաւ Ցեղասպանութեան յիսնամեակին պատահած հաւաքական «Մե՛ր հողերը, մե՛ր հողերը» պոռթկումէն ետք եւ իր ներդրումը ունեցաւ ապագայ անկախութեան ենթահողի պատրաստման: Բայց դժուար թէ մայիս 68-ը որեւէ ձեւի անդրադարձ մը ունեցած ըլլար յետ-1965, հայրենի սերունդին վրայ. որքան ալ որ խորհրդային իշխանութիւնները յաւուր պատշաճի ողջունէին ձախ-յառաջդիմական բնոյթի հաւաքական զօրաշարժի կամ ըմբոստութեան երեւոյթներ. անոր գործնապէս զօրակցիլը մեծապետական ռէալփոլիթիքի պրիսմակէն պիտի անցնէր անպայման: Խորհրդային ամբողջատիրութիւնը շատ զգուշ էր նաեւ ապստամբական բոլոր զօրաշարժերու եւ ազատագրական պայքարներու յատուկ քննադատական ոգիին ազատ ասպարէզ բանալու` քաջ գիտակից անոր պումերանկային ազդեցութեան ռիսքին: Ի դէպ, ոչ իսկ մարքսիզմ-լենինիզմի երրորդաշխարհեան թէ օրին Արեւմուտքի մէջ տիրապետող գոյութենական, կառուցային թէ հոգեվերլուծական տեսանկիւններէ կատարուած ընթերցումներն ու մեկնաբանութիւնները հրապարակային քննարկման առարկայ էին: Խորհրդային համակարգին համար եւրասիական աշխարհատարածքին վրայ պատմութեան էջը արդէն դարձած էր, պատմութիւնը իր «աւարտ»-ին հասած էր` պիտի ըսէր Ֆուքույամա… Ամբողջատիրական ամէն համակարգերու յատուկ այդ ինքնախաբէութեան թմբիրին վերջ պիտի տար այլախոհական շարժումը, յատկապէս` Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, եւ «Ազգութիւններու հարց»-ը` խորհրդային աշխարհատարածքին:

Բնական է, որ հայկական «թաւշեայ» յեղափոխութիւնը ինքզինք շատ աւելի արտացոլուած տեսնէ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ համայնավարական կարգերը տապալած հակա-ամբողջատիրական ժողովրդային զօրաշարժերու հայելիին, քան մայիս 1968-ի իւրայատուկ ձախ-յառաջդիմական եւ հակակայսերապաշտական գաղափարախօսական հայելիին մէջ:

Հոս հետաքրքրական է վեր առնել «թաւշեայ» որակաւորման նախընտրութիւնը «գունաւոր» յեղափոխութենէն: Այս վերջինը յատուկ էր 2004-ի եւ 2008-ի ժողովրդային զօրաշարժերուն, որոնց ղեկավարները փութացին Հայաստանը ընդգրկել Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ երկիրներու շարքին եւ ընդգծել իրենց արեւմտեան թեքումը: Կրնայ ըլլալ, որ այդ մէկը այդ օրերուն դերակատարութիւն ստանձնելու փութացած քաղաքական դէմքերու համոզումն էր: Միաժամանակ, սակայն, ո՞վ պիտի չուզէր Սահակաշվիլիի նման Արեւմուտքի յատուկ գուրգուրանքի առարկայ դարձած ղեկավարի մը վերածուիլ եւ օգտուիլ այն ժամանակ այնքան առատօրէն բաշխուող գումարներէն… «Թաւշեայ» որակաւորումը համահունչ է խաղաղին, բայց նաեւ իր պատմական ծնունդը շատ աւելի հակահամայնավար էր, քան` հակառուս, ինչպէս հետագային կամայ թէ ակամայ եղան «վարդերու» թէ «նարնջագոյն» յեղափոխութիւնները:

Երեւանի փողոցներուն մէջ սկսած ժողովրդային զօրաշարժին գլուխն անցած Քաղաքացիական պայմանագրի եւ ԵԼՔ ընտրական դաշինքի ղեկավարին ազատականութիւնը խնդրոյ առարկայ չէ, ոչ ալ` այդ ազատականութեան արեւմտեան արժեհամակարգին իր համոզումը: Այդ արժեհամակարգը ծնունդ է Եւրոպայի մէջ աւատապետական կարգերը տապալած եւ հանրապետական համակարգեր հաստատած լուսաւորութեան դարուն: Այդ արժեհամակարգին զարգացման արդիւնք է Բ. Միջազգայնականի յատուկ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը, որ հիմնական դերակատարը եղաւ 19-րդ դարուն աշխատաւորական շարժման պայքարի պահանջներու օրինականացման ե՛ւ ժողովրդավարութեան, ե՛ւ քաղաքացիական իրաւունքներու տարածման: Այս արժեհամակարգը նաե՛ւ ինքզինք կը պարտադրէ` որպէս հակաթեզ վերջին քսանամեակին Հայաստանի մէջ հաստատագրուած օլիկարխային հասարակարգին եւ մենաշնորհային դրամատիրական տնտեսակարգին: Մենաշնորհներուն վերացումը շուկայի ազատագրում է, մարդ-անհատի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը միլիոնատէրերու առանձնաշնորհումներուն վերացումն է: Փտածութեան դէմ պայքարը ժողովրդավարութեան ամրապնդումն է:

Ճիշդ է, որ ազատականութիւնը, որպէս անհատակեդրոն գաղափարախօսութիւն, կրնայ իր ամենատարրական ընկալումին մէջ ընդդիմանալ որեւէ համայնքականութեան, ընդ որում` նաեւ ազգային հաւաքականութեան, եւ իտէալականացնել կոսմոպոլիտանիզմը: Բայց այդ չէ պարագան հայկական յեղափոխութեան. վարչապետ ընտրուելէն անմիջապէս ետք Արցախ կատարած իր այցելութիւնը, առաջինը` Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս, եւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատրաստուած եւ փորձառու մասնագէտի մը վստահելու իր որոշումը յստակ պատգամ է 1988-ի սկսած պատմական յառաջընթացի եւ ազգային անվտանգութեան յանձնառութեան: ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի լիազօր ներկայացուցիչի ընտրութիւնը արտաքին քաղաքականութեան պաշտօնին եւ Արցախէն ետք իր երկրորդ արտերկրեայ ճամբորդութիւնը Ռուսիա կատարելու եւ նախագահ Փութինին հետ հանդիպելու զոյգ իրողութիւնները իրենց կարգին կու գան յուշելու արտաքին աշխարհաքաղաքական հրամայականներու գիտակցութեան առկայութիւնը եւ ոչ թէ` յեղափոխական արկածախնդրութիւնը: Տակաւի՛ն. շարժման առաջին գիծի վրայ գտնուող երիտասարդութեան մէկ կարեւոր հատուածը 2016-ի պատերազմը ապրած զինակոչիկներն էին, որոնց հայրենասիրութիւնը կասկածի տակ առնելը միայն ստորնութիւն է: Եւ ո՞վ, աւելի քան` այդ երիտասարդները, կրնայ երաշխիք ըլլալ հայկական յեղափոխութեան ազգային անվտանգութեան յանձնառութեան:

Արցախեան դատին հանդէպ յանձնառութիւնը, ազգային անվտանգութեան գիտակցութիւնը եւ արտաքին աշխարհաքաղաքական հրամայականներու նկատառման փաստը կու գան ցոյց տալու, որ հայկական յեղափոխութիւնը սորված է 2004-ի, 2008-ի, եւ մանաւանդ 2013-2014-ի դասերը` խուսափելու համար ե՛ւ զօրաշարժի բովանդակազրկումէն, ե՛ւ անոր «մայտան»-ացումէն: Այս ձեւով եւ ապահովուեցաւ յեղափոխութեան «հայկականութիւնը` որպէս էապէս ներազգային համակարգային փոփոխութեան ձգտող զօրաշարժ: Այս իւրայատկութեան ծիրին մէջն է նաեւ, որ լիովին կ՛արժեւորուի Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագիրը, հայկական դիւանագիտութեան ամենակարեւոր նուաճումներէն մէկը, որ նոր կառավարութիւնը ժառանգ կը ստանայ` անոր լիիրաւ գործնականացման մարտահրաւէրին հետ մէկտեղ: Եւրոպական Միութիւնը եզակի այն երեւոյթն է, որ իր գոյութիւնը կը հիմնաւորէ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց, տագնապներու խաղաղ լուծման, միջազգային բազմակողմանի համակարգի եւ բնապահպանման արժէքներու պաշտպանութեան յանձնառութեամբ եւ պատրաստ օգնելու ամէն երկրի, որ տրամադիր է այդ արժէքակարգը իւրացնելու: 2013-ին Պրիւքսել աճապարած էր նախագահ Սարգսեանին կամ ընկերակցութեան պայմանագիր կամ Եւրասիական տնտեսական միութիւն կտրուկ այլընտրանքին առջեւ դնելու, յետոյ միայն անդրադառնալու համար նման քայլի ոչ շինիչ հետեւանքներուն: Փաշինեանի վարչապետ ընտրուելէն անմիջապէս ետք Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ Եոհաննէս Հահնի միացեալ հաղորդագրութեամբ պատրաստակամութիւն յայտնեցին նոր վարչապետին հետ աշխատելու: Հայաստանի կողքին ըլլալու Եւրոպական Միութեան այս պատրաստակամութիւնը խրախուսիչ եւ իրական գործօն է համակարգային փոփոխութիւնը անցնցում յառաջ տանելու համար:

Կը մնայ, որ հայկական յեղափոխութեան իւրայատկութիւնը միայն ներազգային ոլորտով չսահմանափակուի: Հայաստանէն քաղաքական գործիչներ իրենք իրենց համաշխարհային յեղափոխութեան մը առաքելութիւնը չվերագրեցին: Ի տարբերութիւն Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, որ 1990-ական թուականներուն ղարաբաղեան շարժումին կը վերագրէր Խորհրդային Միութեան փլուզման մեկնակէտը, Փաշինեան զուսպ եւ զգուշ է` յեղափոխութիւնը տեղադրելով բացառաբար ներհայկական ոլորտին մէջ: Այդ մէկը չի նշանակեր սակայն, որ պատահածը իր արձագանգը չունեցաւ կամ անդրադարձ պիտի չունենայ Հայաստանէն եւ հայաշխարհէն անդին: Սկսելու համար, իր անմիջական տարածաշրջանին մէջ, Ռուսիայէն մինչեւ Ազրպէյճան, ուր ժողովրդավարութիւնը խեղկատակութեան վերածուած է` ապահովելով իշխանութեան վրայ անձերու կամ ընտանիքներու յարատեւումը: Հակասութիւնը անշուշտ զօրաւոր է մանաւանդ Ազրպէյճանի հետ եւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ երկու հասարակութիւններու քաղաքական զարգացման մակարդակի տարբերութիւնը: Կովկասեան տարածաշրջանէն անդին, ինչպէս «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի 12 մայիսի խմբագրականին մէջ կը կարդացուի, հայկական յեղափոխութեան յաղթանակը ժողովրդավարութեան առողջութեան մասին համաշխարհային մակարդակով հրատապօրէն սպասուած ուրախ լուրն է:

Ժողովրդավարութեան ապրած տագնապալի այս ժամանակներուն, երբ «թաւշեայ» յեղափոխութիւններու օրրան արեւելեան Եւրոպայի մէջ իսկ այլամերժական եւ աջ-ֆաշական ուժեր ժողովրդային քուէով իշխանութեան կը հասնին` արեւմտեան արժեհամակարգին մարտահրաւէր ուղղելով, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան նորագոյն նուաճումը կ՛արձանագրուի եւ հայկական յեղափոխութիւնը կը ներկայանայ` որպէս այդ համակարգին նոր որակ ներարկող հասարակական երեւոյթ մը, ե՛ւ եզակի` որպէս նորութիւն, ե՛ւ ժողովրդավարութեան ամենաարմատական յաջող կիրարկման կարողական տեսութիւն: Հայկական յեղափոխութիւնը, փաստօրէն, եկաւ փաստելու, որ ոչ միայն կարելի՛ է խաղաղ իշխանափոխութիւնը, այլեւ կարելի է այդ իշխանափոխութիւնը իրականացնել պետական հաստատութիւններու ամբողջական յարգանքով: Խօսքը կը վերաբերի ժողովրդային ճնշման եւ Ազգային ժողովին մէջ քաղաքական բոլոր ուժերու մասնակցութեամբ իշխանափոխութիւն իրականացնելու անակնկալօրէն զիրար լրացուցած երկու սկզբունքով իրերամերժ գործընթացներուն:

Արդարեւ, եթէ միայն յեղափոխական իշխանափոխութիւն ըլլար, կարելի էր նաեւ տարբեր հանգուցալուծում մը երեւակայել` ի դէմս փողոցային ճնշումով կազմաւորուած կառավարութեան մը, որ խորհրդարանը լուծէր եւ նոր ընտրութիւններու հրաւիրէր: Միւս կողմէ, օրէնսդիր իշխանութեան մէջ տակաւին մեծամասնութիւն եղող քաղաքական ուժը կրնար եւ հաստատ մնալ «ժողովուրդի թեկնածու»-ն մերժելու որոշումին վրայ եւ ինքզինք արդարօրէն յայտարարել սահմանադրական իրաւասութեամբ օժտուած միակ կառավարական մարմին: Բայց այդպէս չեղաւ. փողոցի զօրաշարժն ու նորաստեղծ խորհրդարանական կառավարելաձեւը զիրար ամբողջացուցին: Եւ արդար է հարց տալ, թէ քաղաքական տագնապի նման հանգուցալուծում մը կարելի պիտի ըլլա՞ր նախագահական կառավարելաձեւի պարագային…

Հայկական յեղափոխութեան այս եզակիութիւնն է ահաւասիկ, որ քաղաքական մտածողութեան եւ ժողովրդավարութեան տեսութեան յաւելեալ զարգացման վերլուծական աշխատանքի կարողական դաշտ ստեղծած է:

Բայց ապակողմն որոշիչ եւ մինչեւ իսկ ժխտական են բոլոր այն վերլուծումները, որոնք հայկական յեղափոխութիւնը կ՛որակեն որպէս ապագաղափարախօսական զօրաշարժ: Աւելի՛ն. կամայ թէ ակամայ այս տեսանկիւնը ունի քաղաքական եւ գաղափարախօսական յստակ ենթահող մը` Ֆուքույամայի դասական «Պատմութեան աւարտ»-ի 1990-ականներու յետպաղպատերազմեան տիրապետող յարացոյցը: Ընդ որում, ենթադրել, որ խաղաղ իշխանափոխութիւնը կատարուեցաւ յանուն միայն ներկայացուցչական ժողովրդավարութեան (representative democracy) վերահաստատման, կը նշանակէ, որ համակարգային բոլոր խնդիրներուն հիմնապատճառը հանրապետական բացարձակ մեծամասնութեան կողմէ անոր աղաւաղումն է, եւ տեղի ունեցածը սրբագրական շարժումն է: Այս ենթադրութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի յանգի անոր, որ միակ անհրաժեշտութիւնը թեքնիք բնոյթի սրբագրութիւններ են: Այսինքն` ընտրական օրէնքի ձերբազատումը «ռէյթինկային»-ի թակարդէն եւ պետական հաստատութիւններու ձերբազատումը օլիկարխներու տիրակալութենէն եւ մենաշնորհներու վերացումով մրցակցական դաշտի մաքրազերծումը, որպէսզի անհատական նախաձեռնութիւնները չբախին փտածութեան արգելքներուն, նշելու համար` առաջին կենսական բարեփոխումները, որոնք օրակարգի վրայ են: Հետեւաբար, եթէ ազատական ժողովրդավարութիւնն ու ազատ տնտեսութիւնը վերահաստատուին պետական վարչակարգին մէջ, եւ ստեղծուի վերահսկողութեան ամուր մեքանիզմ մը, որ երաշխաւորէ քաղաքական թէ տնտեսական գործընթացներուն օրինականութիւնն ու թափանցիկութիւնը, համակարգային փոփոխութիւնը իրականացած կ՛ըլլայ: Այս էր գաղափարախօսական ենթահողը որուն վրայ ՀՀՇ-ական կառավարութիւնը ընթացք տուաւ պետականաշինութեան եւ ազատշուկայական տնտեսութեան հաստատման գործընթացին: ՀՀՇ-էն ետք իշխանութեան հասած քաղաքական ուժերը, ի մասնաւորի` Հանրապետականը, այս սկզբունքային մեկնակէտը հարցականի տակ չառաւ, պարզապէս անոր հագցուց ազգայնականութեան, «նժդեհականութեան», գաղափարախօսական տարազ եւ զայն ուղղորդեց դէպի օլիկարխի շահերը պահպանող եւ ինքնավերարտադրուող համակարգ: Սկզբունքով ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ թեքնիք սրբագրումները, որոնք կրկնութեան գնով պէտք է հաստատել, կենսական են, որպէսզի համակարգային փոփոխութիւններու ընթացք տրուի, պիտի չյանգին նորին մէջ հինը վերարտադրելու սխալին: Այսինքն համակարգային հիմնախնդիրները` ընկերային ապահովութիւն, հարստութեան արդար բաժանում, ընկերատնտեսական պատճառներով արտագաղթի կասեցում, կենսամակարդակի բարձրացում, ընկերային տեղաշարժ դէպի աւելի բարեկեցիկ կեանք եւ, մանաւանդ, լաւագոյն ապագայի յոյս` բոլոր քաղաքացիներուն, որ նաեւ հայրենադարձութեան վերախթանումի հիմնական ազդակ է, պիտի մնան անփոփոխ: Այդ մէկը յեղափոխութեան ամենամեծ ձախողութիւնը պիտի ըլլայ:

Համաժողովրդական զօրաշարժը կազմակերպող երիտասարդները միայն տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ ընկերային ցանցերու մասնագէտներ չեն: Դիմատետրն ու համացանցային մնացեալ բոլոր միջոցները անկասկած մարտավարական մեծ ճկունութիւն կու տան զօրաշարժերուն եւ աւելի ազդեցիկ են, քան արդէն ժամանակավրէպ դառնալու սկսած լրատուական միջոցները` հեռուստատեսութիւն եւ տպագիր մամուլ, որոնք պետութեան եւ եթերային ժամանակահատուածներու գինը ծանուցումներով վճարելու պատրաստ մեծ դրամագլուխին մենաշնորհը մնացած էին: Ի տարբերութիւն ամբողջատիրական այլ պետութիւններու, Հայաստանի մէջ իշխանութիւնները, ի պատիւ իրենց, համացանցին վրայ վերահսկողութիւն բանեցնելու փորձութեան չեն մատնուած, եւ խօսքի ազատութիւնը այս իմաստով յարգուած մնաց: Բայց Եգիպտոսի մէջ Թահրիրի հրապարակի զօրաշարժն ու մինչեւ իսկ ուքրանական մայտանը նաեւ ընկերային ցանցերը օգտագործեցին, եւ արդիւնքը շատ հեռու է երկու իշխանափոխութիւններու ներշնչած փոփոխութեան հեռանկարէն: Մօտէն հետեւելով հայկական յեղափոխութեան զօրաշարժային նախաձեռնութիւններուն` կարելի է ենթադրել, որ խաղաղ յեղափոխութիւններու գլխաւոր տեսաբան Ճին Շարփի (Gene Sharpe, 1928-2018) գրութիւններուն ոչ միայն տարրին, այլ նաեւ ոգիին ծանօթ էին: Շարփ, որ իր մահկանացուն կնքեց անցեալ յունուարին, որուն գրութիւններուն մէջ Կանտիին, Թհորոյին եւ համանման մտածողներու ազդեցութիւնը մեծ է, ոչ բռնի պայքարի իր տեսութեամբ հետամուտ էր արմատական եւ ոչ միայն ձեւական ժողովրդավարութեան, հակառակ որ իր ներշնչումով «գունաւոր» յեղափոխութիւնները անտեսած են իր գաղափարախօսական արմատականութիւնը եւ յառաջդիմականութիւնը: Հայկական իրականութեան մէջ ժողովրդավարութեան արմատականացման հեռանկարը շատ աւելի է, քան` մենաշնորհներու վերացումը թէ փտածութեան դէմ պայքարը: Փաստօրէն, Երեւանի փողոցներուն մէջ բարձր կը հնչէին նաեւ ընկերային արդարութեան ամէն ձեւի պահանջ, ընդ որում` նաե՛ւ հարստութեան աւելի արդար բաժանում եւ ոչ թէ «մեծահոգի» օլիկարխներու «քրիստոնավայել» բարեգործութիւն` իրենց աւարտէն պատառիկներ բաժին հանելու համար աշխատաւոր ժողովուրդին: Նոր չէին այս պահանջները: Բայց միայն յեղափոխութիւնը յաջողեցաւ ատոնք լսելի դարձնել նաե՛ւ անոնց, որոնք ցարդ խուլականջ կը ձեւանային…

Հայկական յեղափոխութեան առաջին փուլը յաջողութեամբ պսակուած է: Տեղի ունեցաւ անարիւն իշխանափոխութիւն, պետական համակարգը կայուն մնաց, սահմանադրական կարգը յարգուեցաւ եւ խորհրդարանական կառավակարգը ահաւասիկ դէմ յանդիման կը գտնուի նախագահական կառավարակարգի կողմէ անտեսուած եւ արհամարհուած համակարգային փոփոխութեան ժողովրդային պահանջին գոհացում տալու մարտահրաւէրին: Օրակարգի հարց է ընտրական օրէնքի վերատեսութիւնն ու նոր Ազգային ժողովի ընտրութիւնը: Այս վերջինին հեռանկարը հայրենի հասարակութեան մէջ քաղաքական-գաղափարախօսական դաշտի վերաձեւաւորման ոսկի առիթ պիտի ստեղծէ: Կասկած չկայ, որ մեծ դրամագլուխը նոր իրավիճակին յարմարելու ջանքին արդէն իսկ հետամուտ է: Անոր ֆինանսական կարողութիւններուն քաշողականութիւնը մեծ է եւ կրնայ փորձութեան ենթարկել բոլորը: Ահաւասիկ հոս է, որ անհրաժեշտութիւնը պիտի զգացուի հայկական իրականութեան մէջ կեդրոն-ձախ գաղափարախօսական դաշտի կազմաւորման եւ ընդլայնման: Այդ դաշտին մէջ պէտք է տեսնել համակարգային փոփոխութեան ծիլերու աճը` 21-րդ դարու Germinal մը, ինչպէս Էմիլ Զոլայի համանուն վէպին աւարտը այնքան գեղեցիկ եւ յուսատու կը նկարագրէ:

 

 

Տեսակէտ. Ախտագին Երեք Երեւոյթներ

0
0

ԼԱԽՏ

Երբ ձեռքբերումներ արձանագրուին, յաճախ ականատես կամ լսողաց կը դառնանք անոնց վերաբերող ժխտական երեւոյթներու: Ստորեւ` երեք նման երեւոյթներ.

– «Յաղթանակը բազմաթիւ հայրեր ունի, սակայն պարտութիւնը որբ է» ասացուածքը ճշմարիտ է բազմաթիւ ոլորտներու համար, մասնաւորաբար` քաղաքականութեան մէջ: Ոմանք կ՛ուզեն միայն կրել յաղթանակի դափնին, սակայն ոչ ձախողութեան պատասխանատուութիւնը, ուստի ձեռքբերումը կը վերագրեն իրենք իրենց, իսկ ձախողութիւնը ուրիշներուն` մոռնալով այն բնական իրողութիւնը, թէ կեանքի մէջ յաջողութիւն ալ կայ, ձախողութիւն ալ:

– Յաջողութեան մը արձանագրումէն ետք տուեալ քայլին բուռն ընդդիմախօսներ յանկարծ կ՛ըսեն. «Ես առաջին օրէն ըսի, թէ այդպէս պէտք է ընել»: Այդ օճառի փրփուրին ճակատագիրը, սակայն, անխուսափելի է ու յստակ:

– Ձեռքբերումին առնչուած մէկ այլ ախտագին երեւոյթ մըն է ձեռքբերումին ետին անտեղի «սակայն» մը աւելցնելու հիւանդութիւնը: Ձեռքբերումներու արժէքը նուազեցնելու այդ ախտը զարմանալիօրէն կ՛անհետանայ, երբ խնդրոյ առարկայ անձը ինքն է ատոր հեղինակը: Այդ ժահրը կ՛անհետանայ, սակայն չի չքանար, այլ դարանակալ իժի մը նման կը մնայ ծուարած «սակայնի մարդ»-ուն հոգիին ու մտքին մէկ մութ անկիւնը` կրծելով ու խաւարելով անոր ողջ էութիւնը եւ ակնդէտ սպասելով իր թոյնը սրսկելու պատեհ առիթին: Այդ ժահրէն կը վարակուին այնպիսիները, որոնց իսկական փափաքը ձախողութիւնն է իրենց ընդդիմախօսներուն կամ անոնց, որոնց կը նկատեն իրենց «մրցակից»-ը: Նշմարելի է, թէ ձախողութեան բացակայութեան պարագային է միայն, որ ինքզինք կը դրսեւորէ «սակայն»-ի ժահրը:

 

 

Մտորումներ Հայաստանի քաղաքական զարգացումներում Դաշնակցութեան կատալիտիկ դերի մասին

0
0

Հեղինակ։ ՎԱԼԻ ՔՈՒԶԵՀԳԱՐ ՔԱԼԵՋԻ1
Պարսկերէնից թարգմանեց։ ՍԱՐԳԻՍ ՄԿՐՏՉԵԱՆը

Կատալիզատորը քիմիական նիւթ է, որը արագացնում է քիմիական ռեակցիայի ընթացքը, համակարգում հաւասարակշռութիւն ստեղծելու նպատակով, բայց ինքը չի ծախսւում և չի մտնում ռեակցիայի արդիւնքում առաջացած նոր նիւթի մէջ։

Քաղաքական ոլորտում ևս որոշ քաղաքական և ընկերային շարժումներ իրենց իւրայատուկ դերի ու ազդեցութեան պատճառով, գործնականում այդպիսի դեր են կատարում։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որն Իրանում ճանաչւում է գլխաւորաբար որպէս հայկական ազգայնական շարժում և սովորաբար նրա ձախ համայնավարական2 էութիւնը աւելի քիչ է ուշադրութեան արժանանում, այն կուսակցութիւնների և քաղաքական շարժումների շարքում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական բեմում, ընդորում այդ երկրի քաղաքական վերջին զարգացումների ընթացքում, գործնականում կատալիզատորի դեր է կատարել։

Դա բխում է անցեալ ունեցող հայկական քաղաքական այս շարժման իւրայատուկ ու տարբեր վիճակից։ Իրականութիւնն այն է, որ աւելի քան մէկ դարեա անցեալ ունենալով հանդերձ՝ Դաշնակցութիւնը, Հայաստանի քաղաքական զարգացումներում չի համարւում գլխաւոր ու որոշիչ դերակատարը և այս քաղաքական շարժման ընկերային ու քաղաքական հիմնական յենարանը գտնւում է Հայաստանից դուրս ու հայկական Սփիւռքի համայնքներում։

Հիմնականում երկու ձախ կուսակցութիւնները՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը և Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը, Ռամկավար-Արմենական լիբերալ կուսակցութեան հետ, համարւում են Հայաստանում Սփիւռքի երեք քաղաքական կուսակցութիւնները, որի պատճառը Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնների Միութեան հաստատումից յետոյ (1920 թ.), Հայաստանից քաղաքական այս երեք կուսակցութիւնների ղեկավարների ու բարձրաստիճան անդամների հեռացումն ու արգելափակումն է։ Խորհրդային եօթանասունամեայ շրջանի ընթացքում, գործնականում Դաշնակցութիւն, Հնչակեան և

_________________________

1 Վալի Քուզեհգար Քալեջին Իրանի և Եւրասիայի հետազոտութիւնների հաստատութեան (ԻՐԱՍ) գիտական խորհրդի անդամ է։

2 Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը երբէք ձախ համայնավարական կուսակցութիւն չի եղել։ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ընկերվարական կուսակցութիւն է։ – Ս.Մ.

Արմենական-Ռամկավար կուսակցութիւնների ընկերային ու քաղաքական յենարանը տեղափոխուեց Հայաստանից դուրս, յատկապէս
այնպիսի երկրներ, ինչպիսիք են Սիրիան, Լիբանանը, Յունաստանը, Ֆրանսիան և Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։

Թէև Խորհրդային Միութեան փլուզումից ու Հայաստանի անկախացումից յետոյ, այս երեք կուսակցութիւնների պաշտօնական գործունէութիւնը եօթանասուն տարի անց՝Հայաստանում կրկին վերսկսուեց, սակայն Դաշնակցութիւն, Հնչակեան և Արմենական-Ռամկավար կուսակցութիւնները այլևս չկարողացան Հայաստանի քաղաքական զարգացումների բեմում տասնիներորդ դարի վերջերի ու քսաներորդ դարի սկզբների իրենց տիրական ու ազդեցիկ դերակատարութիւնն ունենալ և գործնականում Հայոց Համազգային Շարժումը՝ Լևոն Տէր-Պետրոսեանի ղեկավարութեամբ և, Հանրապետական կուսակցութիւնը՝ Ռոբերտ Քոչարեանի3 և Սերժ Սարգսեանի ժամանակաշրջանում վերածուեցին այդ երկրի քաղաքական բեմահարթակի տիրական ու իսկական խաղացողների։

Դաշնակցութեան սաստիկ տարակարծութիւնները և բացայայտ դիմակայութիւնները Լևոն Տէր-Պետրոսեանին, որն իր գագաթնակէտին հասաւ 1994 թ. Ղարաբաղում հրադադարի պայմանագրի ընդունումից յետոյ և պատճառ դարձաւ կուսակցութեան արգելափակման և այդ կուսակցութեան անդամների ու ղեկավարներից շատերի ձերբակալման, ընդորում Վահան Յովհաննիսեանի և Հրանտ Մարգարեանի և նաև, Հրայր Մարուխեանի (կուսակցութեան այն ժամանակուայ ղեկավարը) վտարմանը Հայաստանից, ինչպէս նաև Հայաստանի տարբեր իշխանութիւնների կողմից սփիւռքահայերին երկքաղաքացիութիւն և քուէարկութեան իրաւունք չշնորհելը, պատճառ դարձան, որ հայկական Սփիւռքի դասական երեք կուսակցութիւնները, յատկապէս Դաշնակցութիւնը իրականում չկարողանան Հայաստանի քաղաքական զարգացումների ոլորտում տիրական ու որոշիչ դերակատար լինել և նրանց իսկական յենարանը շարունակի մնալ Հայաստանից դուրս և հայկական Սփիւռքի համայնքներում՝ Քոչարեանի իշխանութեան կողմից կուսակցութեան արգելափակման չեղարկմամբ և ղեկավարների ազատ արձակմամբ հանդերձ։

Սակայն այս հանգամանքները վերոյիշեալ քաղաքական շարժումների, մասնավորապես Դաշնակցութեան, Հայաստանի անցեալ 25 տարիների քաղաքական տարբեր ու կարևոր ժամանակահատուածներում ազդեցութիւն չունենալու իմաստով չեն նշվում և այս քաղաքական վաստակաւոր կուսակցութիւնը «համախոհութիւն առաջացնելու» կամ «համախոհութիւնից դուրս գալու» երկու ձևով՝ Հայաստանում տարբեր իշխանութիւնների իշխանութեան գալու կամ իշխանութիւնից հեռանալու գործընթացի արագացմանն ու հեշտացմանն է նպաստել, որը յստակօրէն վկայում է Դաշնակցութեան կատալիտիկ դերի մասին։

______________________________

3 Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ Նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը երբէք պաշտօնապէս չյայտարարեց, որ անդամակցում կամ ղեկավարում է Հանրապետական կուսակցութիւնը, սակայն Հանրապետական կուսակցութեան հետ նրա մտային, քաղաքական և կազմակերպական մօտիկութիւնը, գործնականում Քոչարեանին այս քաղաքական կուսակցութեան շրջանակներում է տեղադրում։

Դաշնակցութեան առաջին կարևոր կատալիտիկ դերը Լևոն Տէր-Պետրոսեանի իշխանութեան կողմից 1994 թ. Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի ընդունմանը ու նաև 1995 թ. Սահմանադրութեան հանրաքուէում նախագահական կառավարման համակարգի հաստատմանը դէմ լինելն էր։ Դաշնակցութիւնը Ղարաբաղի պատերազմում հրադադարի ընդունումը և Ադրբեջանի Հանրապետութեան հետ խաղաղութեան բանակցութիւնների սկսումը համարում էր մի տեսակ հաշտուողականութիւն և նահանջ Հայաստանի իշխանութեան կողմից և, նախագահական կառավարման համակարգի հաստատումը համարում էր համայնավարական շրջանի աւտորիտար մոդելների շարունակութիւնը ինչպես և ժողովրավարութեան թուլացման պատճառ։ Թէև Տէր-Պետրոսեանի իշխանութիւնը այդ ժամանակահատուածում յաջողեց առաջ տանել իր նպատակները երկու հարցերում էլ, սակայն Դաշնակցութեան խիստ ընդդիմութիւնը, որը հասցրեց մինչև կուսակցութեան արգելափակման և ղեկավարների ձերբակալման ու հեռացման հետեւանքին, կարևոր դեր ունեցաւՏէր-Պետրոսեանի իշխանութեան դիրքերի թուլացման գործընթացում, որն ի վերջոյ յանգեց նախագահութիւնից նրա հրաժարականին՝ 1998 թ.։

Այս գործընթացը Ռոբերտ Քոչարեանի և Սերժ Սարգսեանի իշխանութիւնների օրերին այլ տեսք ու դրսեւորում ստացաւ և Դաշնակցութիւնը այդ երկու իշխանութիւնների հետ կոալիցիա կազմելով կարողացաւ մշտապէս մի քանի նախարար ունենալ տարբեր կառավարութիւններում։ Ընդդիմութեան կարգավիճակից փոխադրուելով դիմութեան կարգավիճակի և ամենակարևորը, Քոչարեանի և Սարգսեանի իշխանութիւնների հետ կոալիցիա կազմելով, Դաշնակցութիւնը հնարաւորութիւն ստեղծեց, որ բազմատեսակ քաղաքական թևեր կառավարութեան կազմում տեղ գրաւեն և Դաշնակցութեան ընկերային ու քաղաքական դիրքը՝ հայկական Սփիւռքի համայնքներում նկատի ունենալով, այս քաղաքական կուսակցութիւնը գործնականում կարողացաւ որպէս շաղկապող կամուրջ կարևոր դեր կատարել Հայաստանի իշխանութիւնների և Հայաստանից դուրս ապրող հայերի միջև։ Թերևս Դաշնակցութեան ամենակարևոր կատալիտիկ դերն այդ ժամանակահատուածում կարելի է համարել աջակցութիւնը Սերժ Սարգսեանին և Հանրապետական կուսակցութեանը՝ 2008 թ. Մարտի նախագահական դժուարին ընտրութիւններում, որի արդիւնքների դէմ ժողովրդական բողոքի ալիք բարձրացաւ՝ Լևոն Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ, ով ղեկավարում էր Հայ Ազգային Կոնգրեսը (իշխանութեանն ընդդիմադիր քաղաքական 18 կուսակցութիւններից բաղկացած) և բողոքի արդիւնքը եղաւ աւելի քան տասը զոհ և հարիւրաւոր վիրաւորներ և ձերբակալուածներ։ Այդպիսի պայմաններում, դրանով հանդերձ, որ Վահան Յովհաննիսեանը, նախագահական ընտրութիւններում Դաշնակցութեան թեկնածու որպէս Սերժ Սարգսեանի հետ մրցակցելով չորորդ տեղը գրաւել, սակայն իշխանութեան կազմաւորման գործընթացում, Դաշնակցութիւնը մէկ անգամ նորից իշխանութեան կողքին կանգնեց և այդ ժամանակահատուածի ճգնաժամային պայմաններում մաս կազմելով կոալիցիային կարևոր դեր ունեցաւ Սարգսեանի առաջին շրջանի իշխանութեան հաստատման գործում։

Հայաստանի և Թուրքիայի յարաբերութիւնների բնականոնացման գործընթացի սկզբնավորումով, որը տեղի ունեցաւ երկու երկրների արտաքին գործերի նախարարների համաձայնութեամբ 2009 թ. ապրիլի 24-ին, Դաշնակցութիւնը այդ քայլի դէմ յայտարարութիւն անելով Սարգսեանի իշխանութեան հետ կոալիցիայից դուրս եկաւ և այդ կուսակցութեան նախարարները հրաժարական տուեցին կառավարութիւնից և վերադառնալով ընդդիմութեան դիրքեր, ամբողջութեամբ դուրս եկաւ Ցիւրիխի համաձայնագրի (2009 թ. հոկտեմբերի 10) և Հայաստանի ու Թուրքիայի յարաբերութիւնների բնականոնացման արձանագրութիւնների դէմ։

Իրականում Դաշնակցութիւնը հայկական Սփիւռքի համայնքներում ընկերային ու քաղաքական լայն յենարան ունենալով, որոնք իրենց համարում են զանգուածային կոտորածների ուղղակի և անմիջական ժառանգները, հակառակ էր երկու երկրների յարաբերութիւնների բնականոնացմանը մինչև հայոց զանգուածային կոտորածները չճանաչուեն որպէս ցեղասպանութիւն և այս տեսակէտից շատ ծանր ճնշում գործադրեց Սարգսեանի իշխանութեան վրայ։ Ուշադրութեան արժանի էր հայ բողոքարարների կազմակերպումն ու ուղղորդումը՝ Սարգսեանի դէպի Բէյրութ, Փարիզ, Լոս Անջելես և Ռուսաստանի Դոնի Ռոստով ճամփորդութիւնների ընթացքում։ Այս ճնշումների ամբողջութիւնը ի վերջոյ յանգեցրեց Հայաստանի և Թուրքիայի յարաբերութիւնների բնականոնացման արձանագրութիւնների կասեցմանը, թէև հակառակ կողմում առկայ Թուրքիայի ազգայնական շարժումների և Ադրբեջանի Հանրապետութեան հակառակորդները (Հայաստանի և Թուրքիայի յարաբերութիւնների բնականոնացման դէմ մինչև Ղարաբաղի տագնապի իրավիճակի յստակեցում) ևս Հայաստանի և Թուրքիայի յարաբերութիւնների բնականոնացման կասեցման գործում կարևոր դեր խաղացին։

Հայաստանի և Թուրքիայի միջև յարաբերութիւնների բնականոնացման ծրագրի կապակցութեամբ Դաշնակցութեան և Հանրապետական կուսակցութեան տարակարծութիւնների վերացումով, դաշնակցականները կրկին Սարգսեանի երկրորդ իշխանութիւնում վերադարձան կառավարութեան կազմ և իշխանութեանն ընդդիմութեան վիճակից դուրս եկան։ Այս կուսակցութեան կարևոր և կատալիտիկ դերը ուշադրութեան արժանի էր 2015 թ. աշնանը նախագահականից խորհրդարանական Հայաստանի քաղաքական կառուցուածքի փոփոխութեան հանրաքուէի ընթացքում։ Դաշնակցութիւնը իր նախկին ու աւանդական քաղաքականութեան շարունակութեան մէջ Հայաստանում խորհրդարանական համակարգի ստեղծման գործում, որին հետևում էր 1990 թ. սկզբներից, Հանրապետական և Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնների կողքին կանգնեց, ընդդէմ ընդդիմադիր այնպիսի կուսակցութիւնների, որոնք էին Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը՝ հայկական լիբերալ կուսակցութիւններից մէկը, և Հայ Ազգային Կոնգրեսը։ Նիկոլ Փաշինեանն էլ, Հայաստանի վերջին զարգացումներին ընդդիմադիր ղեկավարը և ներկայիս վարչապետը, կանգնեց այնպիսի մարդկանց կողքին, ինչպէս Րաֆֆի Յովհաննիսեանը, Արմէն Մարտիրոսեանը, Պետրոս Մակեանը և Անդրիաս Ղուկասեանը, որոնք համարւում էին ընդդիմութեան ակնառու դէմքերից։

Հայկական Սփիւռքի համայնքներում Դաշնակցութեանը պատկանող լայնածաւալ զանգուածային լրատուամիջոցների ցանցը կարևոր դեր խաղաց նախագահականից խորհրդարանական Հայաստանի քաղաքական կառուցուածքի փոփոխութեան ծրագրի դէմ առկայ մթնոլորտի մեղմացման ու հաւասարակշռման գործում։ Մի ծրագիր, որը Հայաստանի ժամանակի իշխանութեան ընդդիմադիր կուսակցութիւնների տեսանկիւնից, ոչ թէ իրաւական քայլ էր, այլ քաղաքական քայլ և ուղղուած Սերժ Սարգսեանի և Հանրապետական կուսակցութեան դիրքի ամրապնդմանը։ Դաշնակցութիւնն առնուազն կարողացաւ հայկական Սփիւռքի համայնքներում այն յարաբերական յոյսը առաջացնել, որ այդ փոփոխութիւնների իրականացումը յանգելու է Հայաստանի հասարակութիւնում աւելի խորը քաղաքական բարենորոգումների և ժողովրդավարական գործընթացների արմատաւորմանը և երկարատև ժամանակահատվածում ստեղծելու է ենթահող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերային ու քաղաքական զարգացումների գործընթացներում հայկական Սփիւռքի համայնքների քաղաքական ներգրաւուածութեան և ազդեցիկ ներկայութեան գործում։

Այդպիսով, Դաշնակցութիւնը մէկ անգամ կրկին իրականացնելով կատալիտիկ և միջնորդի դեր կարողացաւ Սարգսեանի իշխանութեան դիրքի կայունացմանը և նախագահականից խորհրդարանականի Հայաստանի քաղաքական կառուցուածքի փոփոխութեան ծրագրի վերջնական վաւերացմանը օգնել։ Այդ հիմամբ, Դաշնակցութիւնը, 2017 թ. ապրիլի 2-ի խորհրդարանական ընտրութիւններին, (Սահմանադրութեան փոփոխութիւնից յետոյ առաջին խորհրդարանական ընտրութիւնները) մասնակցեց և ստանալով միայն 6.7 տոկոս քուէ (չորրորդ տեղը իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնից, Ծառուկեան դաշինքից և Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած Ելք դաշինքից յետոյ), կարողացաւ Սերժ Սարգսեանի վարչապետ հռչակուելուց յետոյ, երեք նախարարով մուտք գործել խորհրդարանական քաղաքական կառուցուածքով Հայաստանի նոր կառավարութեան կազմ։

Հայաստանում ժողովրդական բողոքների սկզբնավորման և դրա արագ տարածման հետ, Հանրապետական կուսակցութեան հետ կազմած կոալիցիայից դուրս գալով և նախարարների հրաժարականով, Դաշնակցութիւնըմէկ անգամ եւս ընդդիմութեան դիրքում յայտնվեց և կատալիտիկ դեր կատարելով՝ գործնականում Սարգսեանի հրաժարականի գործընթացն արագացրեց։ Դաշնակցութիւնը ընդդիմութեան՝ յատկապէս Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ իշխանութեան և Հանրապետական կուսակցութեան բանակացութիւնների գործընթացում, միջնորդի դերում աշխատանքի լծուեց։ Դաշնակցութեան ակնառու և կատալիտիկ դերը ամէն ինչից աւելի իրեն ցոյց տուեց Փաշինեանի՝ Հայաստանի վարչապետ դառնալու գործընթացում։ Փաշինեանը, որ խորհրդարանում առաջին քուէարկութեան ժամանակ 45 կողմ քուէ ստանալով չկարողացաւ նուազագոյն 53 անհրաժեշտ քուէն ձեռք բերել, երկրորդ քուէարկութեան ժամանակ, Դաշնակցութեան վճռորոշ 7 քուէի շնորհիւ կարողացաւ 59 կողմ քուէով ընդդէմ 42 դէմ քուէի, դառնալ Հայաստանի վարչապետ։ Այդ իսկ պատճառով, Դաշնակցութիւնը, կոալիցիոն սկզբունքով, երկու նախարարով ներկայ է Փաշինեանի կառավարութեան կազմում։ Արծուիկ Մինասեանը, տնտեսական զարգացման և ներդրումների նախարար և Արթուր Խաչատրեանը, գիւղատնտեսութեան նախարար, այն երկու նախարարներն են, ովքեր Դաշնակցութեան կողմից Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան կազմում են։ Այս խնդրի կարևորութիւնն այն է, որ 1998 թ. յետոյ (Ռոբերտ Քոչարեանի իշխանութեան հասնելու ժամանակահատուած) առաջին անգամուայ համար, Հանրապետական կուսակցութիւնից և ղարաբաղցիներ կոչուող թևից (Արցախի թև) որևէ մէկը Հայաստանի կառավարութեան կազմում ներկայութիւն չէ և այդ երկրի քաղաքական դասաւորումները ուշադրութեան արժանի փոփոխութիւններ են արձանագրել։

Վերոյիշեալ հարցերի հանրագումարը ցոյց է տալիս, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նրանով հանդերձ, որ Հայաստանի խորհրդարանում և կառավարութիւնում երբէք մեծամասնութեան դիրքում չի եղել, և Հայաստանի ներքաղաքական հարցերում Հայոց Համազգային Շարժման և Հանրապետական կուսակցութեան համեմատութեամբ տիրական ու որոշիչ խաղացող չի եղել, սակայն իր պատմութեան և երկարատև անցեալի, կազմակերպական համախմբուածութեան և հայկական Սփիւռքում քաղաքական, ընկերային ու զանգուածային լրատուամիջոցների լայնածաւալ յենարանի շնորհիվ, կարողացել է գործնապաշտական մօտեցման որդեգրմամբ Հայաստանի քաղաքական պատմութեան կարևոր ու զգայուն ժամանակահատուածներում կատալիտիկ ու ազդեցիկ դերակատարութիւն ունենալ, ինչի ամենացայտուն օրինակը, ինչպէս նշուեց՝ Հայաստանի վերջին զարգացումների ընթացքում, Սերժ Սարգսեանի հրաժարականի արագացումը և Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան հասնելը, ակնյայտօրէն տեսանելի են։

Հետևաբար, դրանով հանդերձ որ Դաշնակցութիւնը անցեալ 25 տարիների ընթացքում մշտապէս Հայաստանի խորհրդարանում և կառավարութիւնում փոքրամասնութեան դիրքում է եղել, սակայն մուտք գործելով կամ դուրս գալով քաղաքական կոալիցիաներից, իւրայատուկ ազդեցութիւն ու կարողութիւն ունի Հայաստանում հաստատուած իշխանութիւնների, իշխող ու տիրապետող կուսակցութիւնների դիրքերի կայացման կամ տկարացման գործում և համարւում է շատ կարևոր կապի միջոց Հայաստանի և հայկական Սփիւռքի համայնքների միջև և, այս նկատառումները Հայաստանի քաղաքական ղեկավարների ու գործիչների, այդ թւումՆիկոլ Փաշինեանի, ուշադրութեան կենտրոնում են։ Յատկապէս, որ Փաշինեանը Հայաստանի տնտեսութիւնում կառուցուածքային բարենորոգումների նպատակով, կոռուպցիայի, հովանաւորչութեան ու կաշառակերութեան, օլիգարխիական ցանցի դէմ պայքարի և արտաքին ներդրումների գրաւման համար, առանձնայատուկ ուշադրութիւն է դարձնում հայկական Սփիւռքի համայնքների մարդկային ու նիւթական կարողութիւններին, մանաւանդ՝ Հիւսիսային Ամերիակայի և Արևմտեան Եւրոպայի։ Քալիֆորնիայի Գլենդելի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանի ներկայութիւնը Հայաստանի ընդվզումների ընթացքում և Փաշինեանի հրաւէրը Էմ.Այ.Թի. համալսարանի ակնառու տնտեսագետ Տարօն Աճեմօղլուին4, Հայաստանի տնտեսութեան մէջ կառուցուածքային բարենորոգումներում օժանդակելու և խորհրդատւութիւն տալու համար, ցայտուն օրինակներ են հայկական Սփիւռքի համայնքների կարողութիւնների նկատմամբ Հայաստանի նոր ղեկավարի ուշադրութեան։

Այս գործընթացում, Դաշնակցութիւնը՝ երկարատև անցեալի և կազմակերպական ներուժիշնորհիվ, որ ունի այնպիսի հաստատութիւններում, ինչպիսիք են Ամերիկայի Հայկական Ազգային Կոմիտէն5, կարող է այդ գործընթացը Փաշինեանի իշխանութեան համար հեշտացնել։ Թէև նկատի պիտի ունենալ, որ Փաշինեանը և Հայաստանում իշխող քաղաքական ու տնտեսական նոր թիմը, շատ դժուար ճանապարհ ունեն Արևմտեան երկրների, ֆինանսական և բանկային միջազգային հաստատութիւնների, ինչպէս նաև Հիւսիսային Ամերիկայի և Եւրոպայի հայկական Սփիւռքի համայնքների վստահութիւնը շահելու գործում: Միայն կոռուպցիայի, հովանաւորչութեան և օլիգարխիայի լայնածաւալ ցանցի դէմ (ինչպիսին Վրաստանի յաջողած փորձն է) իրական ու գործնական պայքարի դէպքում է, որ այդ վստահութիւնը կարող է ձևաւորուել և, արտաքին ներդրումների մուտքով՝ պակասեցնել Հայաստանի տնտեսական դժուարութիւնների չափը՝ յատկապէս անգործութեան և Հայաստանից գաղթի բարձր տոկոսը ինչպէս և, Ռուսաստանի Դաշնութիւնից այս երկրի կախուածութեան շարունակումն ու խորացումը։

_____________________________

4 Աճեմօղլուն ծնուել է Թուրքիայում մի հայ ընտանիքում, ներկայիս ԱՄՆ քաղաքացի է և մշտապէս Հայաստանի նախկին իշխանութեան քննադատն է եղել կոռուպցիայի բարձր մակարդակի և ֆինանսական լայնածաւալ չարաշահումների պատճառով։

5 Խօսքը Հայ Դատի գրասենեակի մասին է։- Ս.Մ.

arfd.info/Droshak/

Շնորհաւոր Մայիս 28

0
0

Դար մը առաջ, մայիսեան յաղթանակի հրաշագեղ յայտնութեամբ, Հայ օգնութեան միութիւնը ականատես եղաւ հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին, որուն շնորհիւ պետականութիւն կերտեցինք:

Այսօր ՀՕՄ-ն ու ՀՕՄ-ականը բարձրաճակատ կը յիշեն ոչ միայն մարտնչող հայ զօրքը, որ մեզի մայիսեան յաղթանակ պարգեւեց, այլ ժողովուրդի բոլո՛ր հատուածները, որոնք կերտեցին անկախութիւնը, բարձր պահեցին մեր ազգային արժանիքները եւ նոյնիսկ ազգային ծանր տագնապներու ընթացքին հայրենի հողէն բրտօրէն խլուած եւ օտար երկինքներու ներքեւ նետուած բեկորներուն համար հայապահպանման ամուր կռուաններ ստեղծեցին: Արդարեւ, մայիս 28 կը պատկանի ժողովուրդին եւ անոր ազատ ու անկախ ապրելու բնածին ձգտումին տեսլականը ունեցող ա՛յն զաւակներուն, որոնք նոյնիսկ հերոսական մարտնչումի եւ գիտակցական նահատակութեան գնով դարեր շարունակ պայքարեցան` ի խնդիր սեփական ու անկաշկանդ գոյութեան:

Ազատամարտի սերունդի պայքարներէն մինչեւ Մեծ եղեռնի գողգոթան, Մայիսեան հերոսամարտերու եւ անկախ պետականութեան ցաւատանջ երկունքին ընդմէջէն մինչեւ Արցախի ազատագրումն ու անկախացման հերոսապատումը, հայ կինը` որպէս մայր, բուժքոյր, զինեալ մարտիկ, խորհրդարանի անդամ, նախարար ու դեսպան, միշտ մնալով պատնէշի վրայ` բերաւ իր ամբողջական մասնակցութիւնը հայ ազատ պետականութեան վերականգնումին` անբիծ ու բարձր պահելով մեր անկախութեան խորհրդանիշ եռագոյն դրօշին ու զինանշանին փառքն ու պատիւը:

Հայաստանի անկախութեան հարիւրամեակի այս տօնական օրերուն Հայ օգնութեան միութիւնը կը վերանորոգէ իր ուխտը` մնալու միշտ պատրաստ հայրենակերտ բոլոր ոլորտներուն մէջ եւ իր մարդասիրական աշխատանքներով շարունակելու իր ազգանուէր գործունէութիւնը: Կեդրոնական թէ շրջաններու իրագործումներով գօտեպնդուած, ներկայ ու ապագայ ծրագիրներով խանդավառ, յաւելեալ պատասխանատուութեան ոգիով կը գործենք այսօր, վաղը եւ ընդմիշտ`

Յանուն մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի բարօրութեան ու հզօրացման,

Յանո՛ւն մեր ֆետայիներուն ու ազատամարտիկներուն, որոնք հայդուկային այն անհաւասար կռիւներուն, մեր ժողովուրդի ճակատէն ջնջեցին երկար դարերու ստրկութեան խարանը,

Յանո՛ւն մեր բոլոր կամաւորներուն, որոնք  մահուամբ մա՛հը պարտութեան մատնեցին եւ մեր հայրենիքը օժտեցին անկախ պետականութեամբ,

Յանո՛ւն մեր պապիկներուն ու մամիկներուն, որոնք իրենց նահատակ զաւակներուն ցաւը ամոքեցին` մղելով զանոնք միանգամընդմիշտ վերականգնելու ազգ ու հայրենիք,

Յանուն մեր նորահաս սերունդներուն, որոնք իրաւունքը ժառանգեցին տիրանալու հզօ՛ր հայրենիքի եւ ինքնիշխան ու ազա՛տ պետութիւն,

Յանուն մեր բոլոր զինուորագրեալներուն, որոնք գիշեր ու ցերեկ Արցախի պետական սահմաններու խրամատներուն մէջ մեր վերազարթնող հայրենիքը կը պաշտպանեն,

Յանո՛ւն ազատատենչ հայութեան` ազա՛տ, անկա՛խ ու միացեա՛լ Հայաստանին:

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 


Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Հարիւր Փառք Եւ Օրհնանք` Մայիս 28-ի Հարիւրամեայ Աւանդին

0
0

Դառնանք եւ հարիւր փառք ու օրհնանք տանք մեր ժողովուրդի քաջարի հերոսներուն, որոնք 28 մայիս 1918-ի դարակազմիկ արշալոյսը պարգեւեցին մեր սերունդներուն` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի երազը իրենց արեամբ նուիրականացնելով:

Դառնանք եւ հարիւր փառք ու օրհնանք տանք յատկապէս ԱՐԱՄ անունով մեր նորագոյն պատմութեան ուղին լուսաւորող Քաջաց Քաջին, որ իր հաւատքին ուժով, գաղափարական անձնուիրումով եւ կազմակերպական մարտունակութեամբ մղում եւ թափ տուաւ համազգային մեր ոգորումին` ի խնդիր հայոց պատմութեան թաւալգլոր անկումի ընթացքը շրջելու եւ Հայաստան աշխարհը իր ոտքերուն վրայ հաստատակամ կանգնեցնելու մեծագոյն յաղթանակին:

Ապա դառնանք եւ հարիւր փառք ու օրհնանք տանք Հայաստանի անկախութեան սերունդին, որ 28 մայիս 1918-ին արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ աշխարհէն լքուած եւ ցեղասպան ոսոխին դէմ իր վերջին կռիւը մղող հայ ժողովուրդը պաշտպանելու եւ պետականօրէն վերականգնելու պատմական իր պատասխանատուութեան: Սերունդ, որ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերով նուաճուած հայութեան յաղթանակը կրցաւ պսակել դարերէ ի վեր կորսուած հայոց ազգային պետականութեան վերահաստատումով, արդի ժամանակներու ոգիով` արդար ու ժողովրդավարական կարգերով օժտելով հայ ժողովուրդին կեանքը:

Դառնանք եւ կրկին հարիւր փառք ու օրհնանք տանք ջարդակոտոր մեր ազգին, որ անձեւ քաոսի մէջէն ողբի ու որբի մեր հայրենիքին յարութիւն տուաւ, պատսպարեց անոքներն ու կարիքաւորները, ապրուստով եւ ուսումով հոգաց սերունդները, ամէնէն արդիական եւ արդարագոյն օրէնքներով կազմակերպեց եւ կարգաւորեց պետականատէր ազգի քաղաքացիական իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, ժամանակի ամէնէն կուռ բանակով պաշտպանեց թշնամիներով պաշարուած մեր երկիրը, իր սիրտն ու թեւերը լայն բացաւ ու պարզեց դէպի իր աշխարհասփիւռ բեկորները` անխտիր բոլորին մասնակցութեամբ նուաճելու համար բոլորիս տէր ու պահապան հայոց ազատ ու անկախ պետականութիւնը:

Դառնանք եւ անպայման փառք տանք տարագրութեան մէջ յայտնուած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, խորհրդարանին, հերոսատիպ ազգային բանակին եւ պետական վարչամեքենայի բոլոր այն նուիրեալ առաջնորդներուն, որոնք ո՛ւր որ գացին եւ ի՛նչ աստղի տակ ալ ապրեցան, աչքի լոյսի պէս պահեցին եւ գուրգուրացին մայիս 28-ի աւանդը` իբրեւ սրբազան մասունք եւ անկորնչելի արժէք բաշխելով ու փոխանցելով սերունդէ սերունդ, ոգեւորելով եւ ջերմացնելով օտարութեան ցուրտ ալիքներուն դէմ յանդիման տառապող հոգիները տարագիր հայութեան: Այլեւ իրենց անսպառ շունչը զգալի դարձուցին նաեւ խորհրդային կոչուած երկաթէ վարագոյրի ետին ծուարած բեկոր մը Հայաստանի եւ բուռ մը հայրենաբնակ հայութեան, որպէսզի անոր պորտակապը չկտրուի մայիս 28-ի աւանդին հետ` անկախ Հայաստանը վերականգնելու, զայն ազատութեամբ օժտելու եւ միացեալ հայութեան միացեալ հայրենիքը կերտելու պատմական անհրաժեշտութեան միշտ ականջալուր մնալու կոչով ու պատգամով:

Ապա եւ դառնանք ու հարիւր փառք եւ օրհնանք տանք երեսուն տարի առաջ Արցախէն հնչած ազատագրումի գոռ ձայնին, որ հայրենիքի մայր մարմինին հետ միացում պահանջելով` նորովի կենսագործման ուղին բացաւ մայիս 28-ի աւանդին առջեւ` թունդ-թունդ հանելով հոգիները արդէն համաշխարհային մեր ազգին, քաղաքամայր Երեւանէն մինչեւ մերձաւոր թէ հեռաւոր բոլոր ափերը հայաշխարհին: Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարին շղթայազերծումով` Մեծ եղեռնի յիսնամեակէն ետք թափ առած Հայ դատի պահանջատիրութիւնը իր լիարժէք պսակումը գտաւ յանուն Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան ծաւալած մայիս 28-ի աւանդը վերականգնելու հայրենական անկասելի, այլեւ հոյասքանչ համաժողովրդական շարժումին եւ անոր նուաճումներուն մէջ` Արցախի իրողական ազատագրումէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումը:

Վերջապէս դառնանք եւ կրկին ու կրկին անգամ հարիւր փառք ու օրհնանք տանք հարիւր հազարաւոր այն իրաւատէր ու պահանջատէր հայ երիտասարդներուն եւ անոնց զօրակցող մեր ժողովուրդի մարտունակ բոլոր զաւակներուն, որոնք ապրիլ եւ մայիս 2018-ի դարակազմիկ նորօրեայ յեղափոխութեամբ ինքնամաքրման ենթարկեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումի պատմական երթը` ազգային մեր պետական տունը ներքնապէս իր արատներէն ու ցեցերէն մաքրելու դրօշ պարզելով, մեր ժողովուրդի ազատութեան տենչին առջեւ նոր հորիզոններ բանալով, միացեալ ազգի եւ միացեալ հայրենիքի ուղղութեամբ նորովի շրջադարձ նուաճելով հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի օգտին:

Մայիս 28-ի հարիւրամեակը ահա՛ կը տօնենք ամբողջ ազգով եւ հայաշխարհով:

Ահա՛ հարիւր փառք եւ օրհնանք տալով` հանգիստ ննջելու մեր աղօթքը կը բարձրացնենք յիշատակին բոլոր անոնց, որոնք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի երազը իրենց հոգիին մէջ` հարիւրամեայ մեր երթին առջեւ ուղի հարթեցին:

Եւ դարձեալ հարիւր փառք ու օրհնանք կու տանք մայիս 28-ի նուաճումին` Հայաստանի անկախութեան հռչակումին, Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումին եւ պետական կառուցումին, այլեւ ու մանաւանդ մայիս 28-ի աւանդին հարիւր տարուան պահպանումին, սերունդէ սերունդ սրբազան մասունքի ջերմեռանդութեամբ փոխանցումին ու վերանորոգումին:

Երթը կը շարունակուի, եւ ահա մեր աչքերուն առջեւ նորովի ու բարձրահասակ կանգնած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի երազին անպայման հասնելու անդառնալի, այլեւ մշտանորոգ ուխտով, այլեւ ու մանաւանդ` Արամի անպարտելի կամքով ու ոգեղէն ուժով պատմութեան անիւը ճիշդ հունով յառաջ մղելու անվեհեր վճռակամութեամբ:

«Հայրենիք»-ի Բացառիկի Խմբագրական. Տօնն Է Հարիւրամեայ Հրաշքին

0
0

«Հրաշք մը միայն կրնար փրկել Արեւելահայաստանը` Արեւմտահայաստանի դժբախտ ճակատագրին ենթարկուելու անմիջական վտանգէն: Հրաշք մը միայն կրնար փրկել հայութիւնը` իր ամբողջական ու հաւանաբար վերջնական բնաջնջումէն: Հրա՛շք մը միայն կրնար դէպքերու դրութիւնը դասաւորել այնպէս, որ համամարդկային պատմութիւնը չկարենար արձանագրել իր տոմարներուն մէջ` Հայոց պատմութիւնը վերջ կը գտնէ 1918-ին…»: 

Հրաչ Տասնապետեան
(1965-ին, մայիս 28-ի տօնակատարութեան առթիւ, Պէյրութ)

Վերի նշուած խօսքին մասին կարելի չէ յաւելեալ ահազանգ հնչեցնել: Այսպէս, քաջատեղեակ ըլլալով հայորդիի անզուգական մաքառումին, հաւաքական նուիրումին եւ անյողդողդ վճռակամութեան, արդեօ՞ք կարելի է դեռ համարել կապոյտ ու շողշողուն երկինքէն ինկած մայիսեան հրաշք:

Պատմութեան էջերը ցոյց կու տան, որ կարճ էր այս անկախութեան տեւողութիւնը… հազիւ երեք տարի, սակայն եթէ անկարելին ու անիրագործելին` կարելի եւ իրագործելի դարձնելու պատմական այս սխրանքը իրագործուած չըլլար, այսօր դատապարտուած պիտի ըլլայինք պատմութեան անցած այլ երկիրներու ճակատագիրներուն նման եւ զրկուած պիտի ըլլայինք մեր հայրենիքէն:

Այո՛, յստակ թող ըլլայ մեր բոլորին, որ կարելի չէ պատմութեան մոռցուած, փոշեծածկ եւ մէկդի դրուած էջերուն մէջ պահել պատմական ճշմարտութիւններ, ճակատագրական պահեր եւ Արամեան խոնարհ հերոսապատումներ: Յաղթական դուրս եկած էր անկախութիւնը, այդ ալ` երկա՜ր ու կատաղի պայքար մղելով: Յաղթանակ մը, որ թութակաբանութիւն չէ, որ կը կատարենք… նշեցինք, կրկնեցինք եւ կը կրկնենք, թէ միայն հրաշքի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ:

Մէկին դէմ կար հարիւր, հազար… Անհաւասար էր պայքարը, սակայն ազգային ապրումներով տոգորուած ու կլանուած ժողովուրդ մը վերածնած էր: Այսուամենայնիւ, ցեղին ձայնն էր, որ կը հնչէր, կը զանգէր եւ …կ՛ահազանգէր:

Այսպէս, ճակատաբաց, ամենայն խրոխտութեամբ եւ հպարտութեամբ կը տօնենք մեր պատմութեան մեծագոյն դարձակէտը, «Երբ չի մնում ելք ու ճար»-ին եւ անոր յաջորդող «խենթերու գտած հնար»-ին` մայիս 28-ի անկախութեան հարիւրամեակը:

Այո՛, այդ օր զանգերը անդադար կը ղօղանջէին կառուցելու համար` նոր պետութիւն, խորհրդարան, բանակ, օրէնք, դատարան, մշակոյթ, լեզու, կրթօճախ, համալսարան, որոնք միասնաբար կը կազմէին ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ:

Արամներու, Դրոներու, զօրավարներ` Սիլիկեաններու, Բէկ Փիրումեաններու, Նազարբէկեաններու եւ դեռ շարքը երկար է պատմութեան էջերուն մէջ «խաւարած» լոյսի անծանօթ ասպետներու կերտած ՅԱՂԹԱՆԱԿն է, որ կը տօնենք…

Իսկ այսօր… եռագոյն դրօշը դարձեալ բարձրացած է ու կը ծածանի եւ հովին դիմաց ինքն իր մէջ փաթթուելով ու ծածկուելով` կը վերանորոգէ ապագայ սերունդին ուխտը, կամքը, յանձնառութիւնն ու հաւատքը:

Այսօր տօներուն տօնն է:

Սփիւռքի Նախարարը Կ՛առաջարկէ Սփիւռքի Համար Խորհրդարան Կազմել Հայաստանի Մէջ

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Սփիւռքի նոր նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, որ մայիս 11-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կողմէ նշանակուեցաւ այդ պաշտօնին, յայտարարած է, որ երկրորդ օրէնսդիր մարմին մը պիտի ստեղծուի Հայաստանի մէջ` սփիւռքահայերը ներկայացնելու համար:

Սա գրաւիչ գաղափար է, սակայն նորութիւն չէ: Հետաքրքրական է, որ սփիւռքի նախկին նախարար Հրանուշ Յակոբեանը 30 յունուար 2011-ին Լոս Անճելըս կատարած իր այցելութեան ընթացքին հանդէս եկաւ համանման յայտարարութեամբ` առաջարկելով ստեղծել ծերակոյտ մը Հայաստանի մէջ, ի լրումն գոյութիւն ունեցող խորհրդարանի, որ մասամբ պիտի ներգրաւէր սփիւռքահայերը:

2011-ին, նախարար Յակոբեանի յայտարարութենէն օրեր անց ես խմբագրական գրեցի` բարձրացնելով շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերին նաեւ սփիւռքի նորանշանակ նախարարին` այս ամսուան սկիզբը ըրած առաջարկին:

Ամէնէն կարեւոր հարցը այն է, որ երկրորդ օրէնսդիր խորհրդարանի ստեղծումը փոփոխութիւն կը պահանջէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ, որ այդքան ալ դիւրին գործ չէ: Առանց նման փոփոխութեան մը` Հայաստանի կառավարութեան կառուցուածքը չի կրնար փոխուիլ: Հետաքրքրական է նաեւ այն, որ սփիւռքի նոր նախարարը չի նշեր, որ իր առաջարկը կը պահանջէ սահմանադրական փոփոխութիւններ: Ասիկա լուրջ խնդիր է, քանի որ սահմանադրութիւնը վերջին անգամ վերանայուած է 2015-ին, եւ հաւանական չէ, ոչ ալ ցանկալի է, որ անիկա այսքան շուտ փոփոխութիւններ կրէ: Նոյնիսկ նորանշանակ վարչապետը խոստովանեցաւ, որ սահմանադրութեան յաճախակի փոփոխումը լաւ գաղափար չէ: Կարեւոր է նաեւ նշել, որ հակառակ սփիւռքի նախկին նախարարի յայտարարութեան, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը 2015-ին վերջապէս փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, նոր տարբերակին մէջ տեղ չգտաւ սփիւռքի համար երկրորդ օրէնսդիր խորհրդարանի հայեցակարգը:

Քանի որ սփիւռքի նորանշանակ նախարարը խնդրեց աշխարհասփիւռ հայերէն` իրենց տեսակէտը արտայայտել իր նոր առաջարկին մասին, ես կը փափաքիմ շարք մը հարցերու մասին խօսիլ.

1) Արդեօք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը պատրա՞ստ է փոխելու սահմանադրութիւնը` երկրորդ օրէնսդրական խորհրդարան մը ստեղծելու համար: Այլընտրանքային տարբերակը, որ չի պահանջեր սահմանադրութեան փոփոխութիւն,  հնարաւորութիւն կու տայ  սփիւռքահայեր ներգրաւելու ներկայ խորհրդարանին մէջ: Շարք մը երկիրներ նման մեքանիզմ ընդունած են: Պէտք է մանրամասն ուսումնասիրել, թէ միւս երկիրները ինչպէ՛ս լուծած են իրենց սփիւռքի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեան հարցը` իրենց օրէնսդիր մարմիններուն մէջ:

2) Ինչպիսի՞ն պէտք է ըլլայ նոր խորհրդարանի մանդատը: Արդեօք միա՞յն համահայկական հարցերու քննարկում, օրինակ` Հայոց ցեղասպանութիւնը, Թուրքիայէն պահանջները, արցախեան հակամարտութիւնը եւ սփիւռքահայութեան առնչուող խնդիրները, թէ՞ այդ մէկը պիտի վերաբերի նաեւ Հայաստանի ներքին խնդիրներուն: Նախարար Հայրապետեանը իր մէկ հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ նոր խորհրդարանը կ՛ըլլայ խորհրդատուական, այլ ոչ թէ` որոշում կայացնող մարմին: Ասիկա տարատեսակ հարցերու տեղիք կու տայ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ սփիւռքի մէջ: Արդեօք սփիւռքահայերը կը բաւարարուի՞ն դժուարութիւններով ընտրելու իրենց համայնքներու ներկայացուցիչները եւ անհաշուելի ժամանակ վատնելու երեւանեան հանդիպումներու մէջ` պարզապէս Հայաստանի կառավարութեան խորհուրդ տալու համար, որ կրնայ եւ լսելի չըլլալ: Արդեօք սփիւռքի ներկայացուցիչները շուտով  չե՞ն կորսնցներ իրենց հետաքրքրութիւնը եւ չե՞ն դադրեցներ մասնակցութիւնը նման խորհրդատուական մարմինի մը հանդիպումներուն: Միւս կողմէ, արդեօք Հայաստանի  բնակիչները կ՛ողջունե՞ն  որոշումներ կամ նոյնիսկ  խորհուրդներ  այն  հայերէն, որոնք չեն ապրիր Հայաստանի մէջ:

3) Ինչպէ՞ս պիտի ընտրուին նոր օրէնսդիր մարմինին ներկայացուցիչները: Արդեօք անոնք կ՛ընտրուին իրենց աշխարհասփիւռ համայնքներո՞ւն կողմէ, թէ՞ կը նշանակուին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ: Իմ կարծիքով, սփիւռքի ներկայացուցիչները պէտք է ընտրուին իրենց համայնքի անդամներուն կողմէ, անկախ անկէ, թէ որքան դժուար կ՛ըլլայ նման ընտրութիւններու կազմակերպումը ամբողջ աշխարհի մէջ: Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք չէ ներգրաւուի սփիւռքի տարածքին տեղի ունեցող ընտրութիւններու մէջ: Հայաստանի կառավարութեան կողմէ նշանակուած կամ հայկական կազմակերպութիւններէ ընտրուած ներկայացուցիչները չեն կրնար պնդել, որ իրենք իսկապէս կը ներկայացնեն սփիւռքահայերը, քանի որ հանրութիւնը չէ ընտրած զիրենք: Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարները կը ներկայացնեն միայն իրենց սեփական անդամները, այլ ոչ թէ սփիւռքահայութեան մեծամասնութիւնը, քանի որ հայերուն մեծ մասը որեւէ կազմակերպութեան անդամ չէ: Նաեւ լաւ գաղափար չէ Հայաստանի մէջ ունենալ երկու օրէնսդիր խորհրդարան, որոնցմէ մէկը ընտրուած է Հայաստանի քաղաքացիներու կողմէ (ներկայի խորհրդարանը), իսկ երկրորդը կազմուած կ՛ըլլայ նշանակուած, չընտրուած անդամներէ:

4) Ինչպէ՞ս կ՛ըլլան թեկնածուներու եւ ընտրողներու չափանիշները սփիւռքի խորհրդարանին համար: Արդեօք ընդունելի կ՛ըլլա՞յ, որ թեկնածուները ըլլան այն հայերը, որոնք օտար երկիրներու քաղաքացիներ են, թէ՞ պէտք է խնդրել, որ անոնք առնուազն ձեռք բերեն երկքաղաքացիութիւն: Հակառակ պարագային, տարօրինակ կ՛ըլլայ, որ խումբ մը օտար երկիրներու քաղաքացիներ, թէկուզ` հայեր, Երեւանի մէջ նստած` որոշումներ կայացնեն կամ խորհուրդներ տան, որոնք կրնան ազդել Հայաստանի բնակչութեան վրայ:

5) Արդեօք նոր օրէնսդիր մարմինի սփիւռքեան ներկայացուցիչները պէ՞տք է տեղափոխուին Հայաստան` տարեկան նստաշրջաններուն մասնակցելու համար, թէ՞ կրնան Հայաստան գալ  միայն կարճ ժամկէտով` մասնակցելու համար ժողովներուն, ուր եւ պիտի քննարկուին համահայկական հարցեր:

Անշուշտ պէտք չէ շտապել երկրորդ օրէնսդիր մարմինի կազմութեան հարցով: Ինչպէս նախարար Հայրապետեանը առաջարկեց, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ պէտք է տեղի ունենան բազմակողմանի խորհրդակցութիւններ` գտնելու համար այնպիսի լուծում մը, որ կը բխի համայն հայութեան շահերէն:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Խաղաղ Յեղափոխութեան Ծնունդ Նոր Հայաստանը

0
0

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Այո՛, այսպէս խաղաղութեամբ պսակուեցաւ  խորհրդարանի անդամ, Հայաստանի նոր ղեկավար  Նիկոլ Փաշինեանի ամիս մը երկարող ժողովրդային ճերմակ յեղափոխութիւնը` ջնջելով  Հայաստանի երկնակամարը քսանհինգ տարիներէ ի վեր ծածկող ամպոտ մթնոլորտը, այն օրէն, երբ իշխող կուսակցութեան երկու  ներկայացուցիչներ` Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան յաջորդաբար ստանձնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահի պաշտօնը:

Այո՛, վերացաւ  գորշ ամպը` իրեն հետ տանելով  ժողովուրդը արիւնաքամ  դարձնող վարչական փտածութիւնը, ժողովուրդին առջեւ անգամ մը եւս  բանալով ազատութեան ոգին շնչելու պատեհութիւնը,  ժողովուրդը ձերբազատելով  երկիրը քայքայող եւ հիւծող վերնախաւին հաստատած բռնութենէն: Անցնող  տարիներու  ցաւալի կացութիւնը ժխտական  հետեւանքներ ունեցաւ Հայաստանի  եւ հայրենի ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական առօրեային վրայ`  խանգարելով եւ արգելքներ դնելով Հայաստանի մէջ   նախաձեռնութիւններ, առեւտրական  տարբեր ծրագիրներ մշակելու, երկրին  բարգաւաճման նպաստող ծրագիրներուն առջեւ:

Փոփոխութեան հոսանքը միաժամանակ  պիտի   քաջալերէ  սփիւռքի յաջողակ, ձեռներէց  գործատէրերը, անհատները եւ հաստատութիւնները` ներդրումներ կատարելու  Հայաստանի մէջ: Անոնք տիրող փտած  համակարգին, դիւանակալութեան, մենաշնորհեալներու տիրապետութեան եւ ստուերային տնտեսութեան պատճառով կը խուսափէին  ծրագիրներ մշակելու Հայաստանի մէջ` աչքի առջեւ ունենալով շատերու դառն եւ ցաւալի ճակատագիրը:

Պետական պիւտճէի յափշտակումը եւ  կողոպուտը, Հայաստան հոսող նպաստներու եւ գումարներու աննպատակ մսխումը  համատարած աղքատութիւն ծնած էին Հայաստանի մէջ, խրամատներ բացած էին իշխող վերնախաւին եւ  օրապահիկով ապրող համեստ  ժողովուրդին միջեւ: Կենսամակարդակի անկումը երիտասարդները ստիպած էր լքելու հայրենիքը: Աշխատանքի եւ կեցութեան պայմաններ ստեղծելու վազքը կը  քայքայէր  բազմաթիւ  ընտանիքներ: Ի՞նչ կարելի էր ակնկալել, երբ ընտանիքին այրը  դրամ ապահովելու մտահոգութեամբ կը մեկնէր նախկին խորհրդային  երկիրներ եւ չէր վերադառնար… Մենաշնորհեալներու չարաշահումներուն պատճառով Հայաստանի  բնակչութիւնը կը լքէր  հայրենիքը, Հայաստանը կը  պարպուէր իր երիտասարդութենէն, ուղեղներէն, աշխատող  բազուկներէն: Երկիրը կը դատարկուէր  իր  ներուժէն, բարգաւաճելու կարելիութիւններէն, միջազգային ընտանիքին մէջ իրեն վերապահուած դերակատարութենէն: Քաղաքակրթութեան օրրան` հռչակաւոր երկրի մը ժողովուրդը, որ  ունէր իր դարաւոր պատմութիւնը, հարուստ մշակոյթը, բարի աւանդութիւնները, կաթիլ առ կաթիլ կը հիւծէր ապօրինութիւններու եւ  իրաւական մարմիններու քար լռութեան առջեւ:

Վաղը` դրութեան կայունանալէն, նոր կառավարութեան կազմութենէն,  ժողովրդավարութեան սկզբունքներու հիմքերը   հաստատելէն, օրէնքի գերիշխանութիւն  հաստատելէն ետք, նոր արշալոյս մը պիտի  ծագի Հայաստանի եւ  հայրենի ժողովուրդին համար: Այս արշալոյսը  իր բազմաթիւ  ճառագայթներով եւ ցոլքերով պիտի նպաստէ Հայաստանի   քաղաքական եւ  ընկերային կայունութեան, կենսամակարդակի բարելաւման, ընկերային ու տնտեսական բնագաւառներու զարգացման եւ  հեռանկարներով եւրոպական չափանիշներու արժեւորման:  Բարեկարգումները քաղաքացիին պիտի շնորհեն ազատ շնչելու, օրէնքի սահմաններուն մէջ ազատօրէն գործելու  պայմաններ: Խաղաղ յեղափոխութիւնը միջոցներ պիտի ստեղծէ, որպէսզի մեր ժողովուրդը զարգանայ, ազատօրէն շփուի այլ   ժողովուրդներու  հետ, բարձրանայ  հայրենաբնակ  մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն կենսամակարդակը:

Սփիւռքի մէջ  բնակող հայերու մեծամասնութիւնը  խանդավառութեամբ կը հետեւի եւ անհամբեր կը սպասէ  վերջին ամսուան ընթացքին Հայաստանի մէջ  տեղի ունեցող յեղափոխութեան յաղթանակին: Վստահաբար արտասահմանի հայերը մեծ ներդրում եւ մասնակցութիւն պիտի ունենան հայրենաշինութեան ծրագիրներուն մէջ, իրենց իղձերը պիտի իրականացնեն` զանազան մակարդակներով եւ եղանակներով նպաստելով  հայրենիքի վերելքին, անիկա ըլլայ   զբօսաշրջութեան  ճանապարհով, յարկաբաժին գնելով, բնակարաններ կառուցելով կանաչ, գեղեցիկ, մշտադալար Երեւանի արուարձաններուն մէջ, Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ, ամառնային արձակուրդը Հայաստանի մէջ անցընելով, մինչեւ իսկ իրենց  հարստութեան մէկ մասը Հայաստան փոխադրելով, առեւտրական, տնտեսական նախաձեռնութիւններ կատարելով, փոքր  հիմնարկներ ստեղծելով, հասնելով պանդոկներու,  բնակելի շէնքերու, գործարաններ  շինելու, արդիւնաբերական նախաձեռնութիւններու, դրամատուներ հիմնելու եւ այլն, եւ այլն:

Հայաստանը իր ստեղծած  պայմաններով ինքնաբերաբար հրապուրիչ երկիր մը եւ ենթահող մը պիտի դառնայ արաբ  գործարարներու եւ  արաբական երկիրներու քաղաքացիներուն համար: Կը մնայ գործադրութեան դնել  օտարները հրապուրող, քաջալերող պայմաններ, քաջալերել օտարները, երաշխիքներ տալ անոնց, որպէսզի օրէնքի սահմաններուն մէջ մասնակցին Հայաստանը բարգաւաճ  պետութեան վերածելու աշխատանքներուն:

Լուսարձակի տակ առնելով ժողովրդային յեղափոխութեան քաղաքական եւ տնտեսական կողմերը եւ անոր դրդապատճառները` չենք կրնար անտեսել իշխանութենէն խաղաղօրէն հեռանալու իշխող  կուսակցութեան խոհեմ քայլերը: Քաղաքակիրթ ոճով իշխանափոխութեան այս օրինակելի քայլը եզակի եւ ուսանելի երեւոյթ  մըն է միջինարեւելեան մեր աշխարհի պետութիւններուն համար:

«Հայաթ»

Ի՞նչ Տօն Ենք Տօնում

0
0

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ

Ակնյայտ է, որ որոշ մարդկանց համար այսօր էլ դեռ յստակ չէ, թէ ինչի՛ն է նուիրուած 100-ամեակի տօնը, որ համազգային շուքով տօնում ենք այս տարի: Մի՞թէ այդպիսի տպաւորութիւն չի ստացել ցանկացած մարդ` ներկայ գտնուելով (եթէ յաջողուել է ներկայ գտնուել) Սարդարապատի տօնակատարութեանը: Ինքս առիթ ունեցայ տանը լինելու եւ հեռուստացոյց միացնելու, երբ հարիւրամեակի համերգին ինչ-որ երիտասարդ փորձում էր անգլերէն երգ երգել եւ, հասկանալով, որ այստեղ էլ բան չեմ կորցրել, փոխեցի ալիքը:

Ուզում եմ մէկ աւելորդ անգամ եւս արձանագրել, որ այս տարի լրանում է Հայոց պետականութեան վերականգնման 100-ամեակը: Յստակօրէն բանաձեւել է անհրաժեշտ, որ 2018 թուականը յոբելեանն է երկուսուկէս տարի գոյատեւած անկախ պետականութեան հիմնադրման, որի հիմքի վրայ էլ, սկզբում գաղութացուած վիճակի մէջ, ապա կրկին անկախաբար, գոյութիւնն է շարունակում Հայոց Հանրապետութիւնը:

Ի՞նչ կապ ունի Բ. Աշխարհամարտի կցումը այս իրադարձութիւններին:

Այսօր արդէն բարձրաձայնուող փաստ է, որ առաջին հանրապետութիւնը կործանուեց ռուս-թուրքական գործարքի արդիւնքում: Փաստ է, որ Հայաստանի վրայ նոր թուրքական արշաւանքի ծանր օրերին Ռուսաստանը, ի դէմս Պորիս Լեկրանի, երկիրը յանձնելու վերջնագիր ներկայացրեց Հայաստանի կառավարութեանը, իսկ իշխանութեան խաղաղ փոխանցումից յետոյ, երեւի` որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն, թուրքերին նուիրեց Հայաստանի Հանրապետութիւնից այդ պահին բռնազաւթուած մօտ 40.000 քառ. քիլոմեթր տարածքը: Հիմա հարց. անկախութեան նուաճումը եւ արեւելահայութեանը թուրքական ցեղասպանութիւնից փրկելը խորհրդանշող Սարդարապատի յուշահամալիրում 100-ամեակի տարեդարձին ի՞նչ տրամաբանութեամբ են հնչում ռուսական երգն ու պարը:

Ասուածից չի հետեւում, թէ հակառուսական ինչ-որ դրսեւորումներ լինէին մեզանում այս օրերին, բայց տեղի ունեցածի տրամաբանութիւնը ո՞րն է, մենք ի՞նչ տօն ենք տօնում:

Չեմ ցանկանում ընկնել նաեւ այլ ծայրայեղութեան մէջ եւ միտումնաւորութիւն տեսնել կատարուածի մէջ, եւ «ամենեցու» նկատմամբ սիրոյ զգացումով տոգորուած` եզրակացնում եմ, թէ գործ ունենք պարզ անգիտութեան հետ: Ինչպէս որ անգիտութեան պէտք է վերագրել Հայաստանի պետականութիւնը եւ նրա կերտողներին փնովող եւ կործանողներին գովերգող ֆիլմերի աւանդոյթի ուժով ցուցադրումը, տարբեր հեռուստաընկերութիւնների կողմից` 100-ամեակի առիթով: Առհասարակ ինչ-որ հարցերում անգէտ լինելու համար ոչ ոգու մեղադրել պէտք չէ, ոչ ոք ամենագէտ չէ, բայց ինչո՞ւ պէտք է որեւէ գործ մեզանում անեն նրանք, ովքեր տուեալ գործին հասու չեն: Շրջանառութեան մէջ դրուող գումարնե՞րն են որոշողը, թէ՞ աւելի վեհ պատճառներ կան:

Ազգային ազատագրութեան շրջանի եւ առհասարակ հայրենասիրական բնոյթի մշակութային հսկայ ու հրաշալի ժառանգութիւն ունենք, արուեստագէտ կատարողների տաղանդաւոր սերունդ ունենք, որոնց ներկայութիւնը փափաքում են աշխարհի լաւագոյն բեմերը, մենք ինչո՞ւ ենք անում այն, ինչ անում ենք: Այստե՞ղ էլ հարցը հասնում է ձկան գլխին:

Այս տօնական օրերին նման տողեր թերեւս կարելի էր եւ չգրել, բայց եթէ չբարձրաձայնենք, վստահաբար երկրորդ հարիւրամեակում էլ չենք ձերբազատուելու խորհրդային բարքերի ու գաղափարախօսութեան կարօտաբաղձութեան մշուշից:

Հայոց պետականութեան հարիւրամեակի տօնակատարութիւնների, գիտաժողովների եւ զանազան այլ միջոցառումների գլխաւոր օգուտը կարծում եմ կը լինի այն, որ մեզանում տեղի ունենայ մտքի յեղափոխութիւն: Մենք անցեալին, ներկային, ապագային ու մեր արժէքներին պէտք է սովորենք նայել մեր ազգային աշտարակից: Օրէ օր համայնացող աշխարհում ամէն կողմից փչող գաղափարական, քաղաքական հոսանքներից մեր ազգային ինքնութիւնը կարող է պահպանել միայն ազգային արժեհամակարգը, զրահի վերածուած ազգային տարազը, որ պիտի խտացնի իր մէջ ե՛ւ պատմութիւնը ե՛ւ անանցելի շահերն ու տեսլականները ե՛ւ դարերով ամբարուած հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը: Դրա համար մենք պէտք է վերադառնանք մեզ, մտածենք, արտայայտուենք, ապրենք հայերէն:

Այս առիթով պէտք է աւելացնել, որ մտքի յեղափոխութիւնը աւարտուած չէ: Թէպէտ տարին նշանաւորւում է այլ կարեւոր իրադարձութիւններով, սրանց զուգահեռ, հարիւրամեակի ասելիքն ու շունչը հարկ է, որ հասցուեն մինչեւ տարեվերջ: Պատկերաւոր ասած` պէտք է տեղի ունենայ իրական ազգային ժառանգութեան փոխանցում նոր սերնդին: Յիշենք` դեռեւս տարեսկզբին ոմանք, գրեթէ լռութեան մէջ, քամահրանքով բարձրաձայնում էին Արամ Մանուկեանի վերաբերեալ իրենց անառողջ դատողութիւնները: Այսօր այլեւս Արամ Մանուկեանը բոլոր հայերինն է եւ աներկբայելի հեղինակութիւն: Գործընթացը պէտք է շարունակուի, իսկ դրա համար, փա՛ռք Աստծոյ, այս երկրում քիչ չեն համապատասխան պատրաստութեան տէր մարդիկ: Շոումեններն էլ թող զբաղուեն իրենց շոուներով:

 

 

Սարքուած Խայտառակութիւնը

0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Մայիս 28-ին Սարդարապատի յուշահամալիրին առջեւ սարքուեցաւ խայտառակութիւն մը: Պարզուած ամօթին գիտակից էին թէ անգիտակից` հայրենի պետական այրերը, միեւնոյնն է: Կատարուածը մեր պատմութեան դէմ դաւաճանութեան համազօր էր, պատահածը մեր ազգային արժանապատուութեան դէմ նախատինք էր:

Կարելի՞ է պատկերացնել մեր պատմութենէն այս աստիճանի խորթացում: Կարելի՞ է սպասել մեր ազգային արժէքներու այս աստիճանի խաթարում:

Մայիս 28-ը մեր ժողովուրդի հաւաքական վերածնունդի սրբազան խորհրդանիշն է: Մայիս 28-ը մեր կորստեալ պետութեան վերականգնումի կրանիթեայ ապառաժն է: Անջնջելի է այդ խորհրդանիշը: Անխորտակելի է այդ ապառաժը:

Մեր պետական այրերը եւ միւսները այս պարզ ճշմարտութիւնը չէի՞ն գիտեր: Եթէ չեն գիտեր, չէի՞ն կրնար սորվիլ:

Խոպան ժողովուրդ չենք: Հտպիտ պետութիւն չենք: Մենք այսօր հոս ենք իբրեւ իմաստուն եւ աշխատունակ ժողովուրդ` շնորհիւ պատմութեան անիւը շրջադարձելու մեր կամքին ու հարուածող բազուկին: Մեր պետութիւնը այսօր կանգուն է` շնորհիւ ազգային տեսլականի եւ հաւաքական գաղափարի մեր անսակարկ յանձնառութեան:

Միթէ այսքանին չէի՞ն անդրադառնար մեր պետական այրերը:

Պէ՛տք է անդրադառնան, որովհետեւ վեց դարեր շարունակ ազատութեան ճանապարհէն դուրս մղուած եւ սեփական պետութեան հոգատարութենէն զրկուած ժողովուրդ էր հայութիւնը: Իր բնակչութեան համրանքին գրեթէ երկու երրորդը 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեամբ նահատակուած ազգութիւն էր հայութիւնը: Հայրենական սահմանները կորսնցուցած հողատարածք էր Հայաստան աշխարհը:

Այդպէս էր մեր հաւաքական դժբախտ վիճակը` վեց երկար դարեր:

Սակայն երեք տասնամեակներ յեղափոխական խոյանքներով հայ մարդը իր կամքը պարտադրեց հայութեան դէմ արձակուած պատմութեան անողոք վճիռին: Մայիս 28-ին հայութիւնը վճռեց համախումբ ազգ դառնալ, իր սեփական պետութիւնը կերտել, իր մասնակցութիւնը բերել թէ՛ ազգային եւ թէ՛ համամարդկային քաղաքակրթական ու տնտեսական վերելքին: Եւ մենք յաջողեցանք, յաղթանակեցինք` շնորհիւ մեր կամքին, բազուկին, գաղափարին եւ տեսլականին:

Պատմութիւնը կրկին փորձեց կասեցնել մեր ազգային առաքելութիւնը, այս անգամ` եօթը տասնամեակներ: Բայց, հետեւողականօրէն պահպանելով մայիս 28-ի մեր ժառանգութիւնը, կրկին վերադարձանք մեր հաւաքական ազատութեան, քաղաքական ու մարտական անկախութեան եւ ազգային հարազատ պետութեան:

Եթէ չունենայինք մայիս 28-ով կերտուած անկախ պետականութիւնը, չէինք ունենար Խորհրդային Հայաստանը: Հետեւաբար չէինք ունենար նաեւ մեր վերանկախացած հանրապետութիւնը: Բոլոր ժամանակներուն համար մենք ունինք եւ պիտի ունենանք ՄԷԿ հանրապետութիւն` մայիս 28-ով կերտուած հանրապետութիւնը:

Բայց ինչո՞ւ կը բացակայէր մեր պատմական երթի ու տեսլականի ճշմարտութիւնը հայրենի ներկայ գործիչներու կազմակերպած խայտառակութենէն, որ պատահեցաւ մայիս 28-ին` հանրապետութեան հարիւրամեակը նշող սարդարապատեան բեմադրութեամբ:

Յայտագիրը` իր երգով ու նուագով, անյարիր էր մայիս 28-ի խորհուրդը հարազատօրէն ջամբելու հայրենի պետութեան պարտադրութեան: Մայիսի 28-ին ռուսական «Քալինքա»-ն նոյնքան խորթ է մեզի համար, որքան` ամերիկեան «Եանքի տուտըլ տանտի»-ն կամ ֆրանսական «Մարսէյեզ»-ը: Մայիս 28-ին նոյնքան անհաղորդ են մեզի համար Կարմիր բանակի Բ. Աշխարհամարտի սխրանքները, որքան` ամերիկացի զօրավար Փաթընի յոխորտանքները կամ ֆրանսական ռեզիսթանսի քաջագործութիւնները:

Մայիս 28-ին մենք միայն ունինք մեր Ղարաքիլիսան ու Բաշ Ապարանը: Մենք ունինք մեր Արամը: Ունինք մեր Դրոն եւ Նժդեհը: Ունինք մեր Քաջազնունին, Խատիսեանը, Օհանջանեանը եւ Վրացեանը:

Իսկ պատգա՞մը: Մայիս 28-ը ո՛չ վարդաբոյր, ո՛չ ալ նարնջահամ գործողութիւն էր: Արիւն էր, քրտինք էր, զոհաբերում էր, նուիրում էր մայիս 28-ը: Մեր մայիս 28-ը Արամի ոգին էր, Դրոյի կամքը եւ Նժդեհի յանդգնութիւնը, որոնք թումբ կանգնեցան քառապատիկ թիւով ու բազմապատիկ անգամ զրահաւորուած թուրքերուն դէմ:

Իսկ պաշտօնական հրաւիրեալնե՞րը: Խորհրդարանական պետութիւն ենք: Ո՞ւր էր Ազգային ժողովի նախագահը: Ո՞ւր էին վերանկախացած Հայաստանի նախկին երեք նախագահները: Սա մեր պետութեան հարիւրամեակն է: Պաշտօնական հարթակին վրայ պարտաւոր են ներկայ ըլլալ կառավարութիւնը` լրիւ կազմով, նախկին նախագահները եւ խորհրդարանի նախագահը: Ո՞ւր էին այս բոլորը…

Իսկ պատասխանատունե՞րը այս խայտառակութեան: Կեղծաւորութիւն է դիմել պիղատոսեան չքմեղանքին: Հայրենի ղեկավար այրերը չեն կրնար լուալ ձեռքերնին եւ մեղադրել ուրիշը: Հանրապետութեան հարիւրամեակին առիթով Սարդարապատի համալիրին առջեւ սարքուած ամօթը կը պատկանի բոլորին, թէ՛ նախկինին, որ ծրագիրներու փոխանցումը կատարեց, եւ թէ՛ նորին, որ ստանձնեց մեկնողին պարտաւորութիւնները: Աւելի՛ն. հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը չեն մասնակցիր պաշտօնական ձեռնարկներու` առանց նախապէս համամիտ եւ տեղեակ ըլլալու մանրամասնութիւններուն:

Վերջաւորութեան, հարկադրաբար եզրակացութիւն մը երեւան կու գայ: Մեր ազգային արժէքներու խաթարման, նենգափոխման եւ խորթացման արշաւը կը շարունակուի: Այս հեւքին մէջ արեւի լոյսի նման յստակ է թիրախը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութի՛ւնը կերտեց մայիս 28-ը եւ դարբնեց մեր հանրապետութիւնը: Բայց Դաշնակցութիւնը երբեք չդաշնակցականացուց ո՛չ մայիս 28-ը, ո՛չ հանրապետութիւնը, ո՛չ անկախութիւնը, ո՛չ եռագոյնը, ո՛չ զինանշանը, նաեւ` ո՛չ Սարդարապատը, ո՛չ Բաշ Ապարանը եւ ո՛չ ալ Ղարաքիլիսան:

Բայց ինչո՞ւ կը վախնան Դաշնակցութենէն…

29 մայիս 2018
Լոս Անճելըս

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Անկախ Հայաստանի Քաղաքացիի Յանձնառութեամբ

0
0

Դար մը առաջ, յեղափոխական սերունդի մը հրաշալի խոյանքին շնորհիւ` անկախացա՛նք, ստեղծեցինք մեր սեփական, ազգային պետականութիւնը եւ նուիրեալ քաղաքական, կուսակցական ու պետական գործիչներու առաջնորդութեամբ ճամբայ ելանք մեր կեանքը ինքնիշխանօրէն կազմակերպելու` մեր հայրենի երկինքին տակ:

Մեր երթը կոպտօրէն ընդհատուեցաւ, օտար լուծը վերստին կապուեցաւ մեր վիզին, եւ սկսաւ մեզ այլասերման ենթարկելու հետեւողական, ահաւոր ծրագիրի մը գործադրութիւնը:

Դիմացա՛նք, դիմադրեցինք, պահպանեցինք էականը, հիմնականը եւ հասանք արցախեան ազատագրական պայքարի փրկարար տարիներուն, երբ դարձեա՛լ փշրուեցան շղթաները, երբ դարձեա՛լ ինքնուրոյն ապրելու իրաւունքը նուաճեցինք:

Վերսկսանք մեր ինքնակազմակերպման. սեփական ճակատագիրի տէրը դառնալու երթը այս անգամ յատկանշուեցաւ խարխափումներով, ազգային գաղափարախօսութեան թելադրած ուղիէն շեղումներով: Չկրցանք անհրաժեշտ արագութեամբ մեր վրայէն թօթափել կրաւորականութիւնը, մեր շրջապատի իրադարձութիւններուն մատներու միջով նայելու վարքագիծը® եւ տուժեցի՛նք: Շա՛տ տուժեցինք: Տուինք կորուստներ: Արդէն անկասելի ըլլալու տպաւորութիւնը ձգած` մեր երկիրը արիւնաքամ դարձնող արտագաղթը վերածուեցաւ բարոյալքման նոր աղբիւրի, անարդարութիւններու ու կամայականութիւններու դէմ պայքարելու փոխարէն` գաղթականական ճամպրուկները պատրաստ պահելու եւ ամէն պատեհ առիթի օտար ափերու վրայ երջանկութիւն ու ինքնադրսեւորման հնարաւորութիւն փնտռելու հոգեվիճակին դատապարտելով մեզ:

Ի վերջոյ, սակայն, դարձեա՛լ կրցանք մենք մեր մէջ գտնել բաւարար ուժ, համարձակութիւն ու յանդգնութիւն` կասեցնելու համար սրընթաց գահավիժումը եւ դարձեա՛լ մեր ճակատագիրին տէրը ըլլալու ճամբան բռնեցինք:

Հիմա կը դիմագրաւենք խարխափումներ ծնող փորձութիւնները շրջանցելու մարտահրաւէրը: Հիմա կը դիմագրաւենք երկրի իսկակա՛ն տիրոջ հոգեբանութեամբ ապրելու, պայքարելու, ստեղծագործելու, կառուցելու մարտահրաւէրը:

Հիմա կը դիմագրաւենք մեր երկրի ազատ քաղաքացին դառնալու մարտահրաւէրը, որ կը նշանակէ` ամբողջական շահագրգռութիւն ցուցաբերել հանրապետութեան տարածքին վրայ իւրաքանչիւր երեւոյթի` լաւ թէ վատ, եւ իւրաքանչիւր գործընթացի հանդէպ, կը նշանակէ` մեր անմիջական խնդիրներէն անդին պատասխանատուութիւն վերցնելու վարքագիծը ուղենիշ դարձնել:

Պիտի դիմագրաւենք ու յաղթահարենք ամէն դժուարութիւն: Առաջին հերթին պիտի թօթափենք ամէն կասկած, երկմտանք, մեր ուժին հանդէպ վստահութեան պակաս:

Չենք կրնար նոր փորձարկումներ կատարել: Յաջողութեան երաշխիքը ազգային համերաշխութեան կենսունակ մթնոլորտի ստեղծումն է, ուրկէ դուրս պէտք է մղել փոքրոգութիւնը, նենգութիւնը: Առարկայական հզօր ուժով ընթացող պատմութեան ուղղութիւնը շրջելու պարտաւորութիւնը ցցուած է մեր առջեւ. պէ՛տք է վերագտնենք ամէն ինչ, որ կորսուած է, եւ վերականգնե՛նք մեր հոգիներու աւերածութիւնը:

Իբրեւ ներշնչում` մենք կրնանք միշտ յենիլ հարիւր տարի առաջ, բոլորովին անբարեյոյս պայմաններու մէջ պետութիւն կերտած գործիչներու հաւատարմութեան, գաղափարականութեան, անձնազոհութեան, անշահախնդիր ծառայութեան հարուստ աւանդներուն:

 


Գաղափարապաշտութեան «Յանցանք»-ը

0
0

ԱՐԻՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Գաղափարապաշտութիւն, իտէալապաշտութիւն, կատարելապաշտութիւն…

Եթէ գոյութիւն չունենային այս յղացքներուն բացատրութիւնները, թերեւս աւելի նուազ «աչքի պիտի զարնէին» անոնք:

Խորքին մէջ բոլորս ալ գիտենք, որ «իտէալական» կամ «կատարեալ» բան գոյութիւն չունի, որովհետեւ, եթէ ոեւէ մէկուն համար այդպէս է, միւս անձին համար բոլորովին տարբեր է: Մէկը կրնայ նոյնիսկ «ֆանաթիք» ածականը տալ դէպի Թուրքիա ճամբորդութիւնը եւ կամ օտար ամուսնութիւնը մերժողներուն ու քննադատողներուն: Մինչեւ իսկ այս յղացքները, երբեմն դադրելով իրենց բառարանային բացատրութիւնը կրելէ, կ՛անցնին տկարութեան կամ անհասունութեան չափանիշները ճշդորոշելու սահմաններուն մէջ: Այս վերջինին մասին գրելն անգամ աւելորդ կը տեսնեմ, որովհետեւ հպարտութիւն է հայ ըլլալն ու հայ մնալը:

Դառնալով այս յղացքներուն, բնակա՛նաբար, անհատի մը կենցաղին մէջ գոյութիւն ունի ձգտում` դէպի կատարեալն ու լաւը, եւ ատիկա մարդկային բնական ու առողջ բաղձանք մըն է, ըստ ինծի: Եւ ամէն անհատ իր նախասիրութիւններուն համեմատ կը փորձէ ձգտիլ անոր. մին արհեստագիտական իր մեքենաները կ՛ուզէ ըլլան «կատարեալ», ուրիշ մը` իր հագուածքը, այլ անձ մը` իր մկանները, խօսակցական լեզուն եւ այլն, եւ այլն: Երբ հասնի գործի ասպարէզի կամ որեւէ այլ գործունէութեան, սակայն, այնպէս կը թուի, որ իտէալը, գաղափարն ու կատարելութեան ձգտումը այսպէս կոչուած «յանցանք»-ներ են կամ անհատի մը գոհացում տալու միջոցներ:

Պարզ տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, որ գործի մը յաջողութեան գաղտնիքներէն մէկը օրէնքներուն եւ տրուած բացատրութիւններուն հետեւիլն է: Այսպէս, եթէ դերձակ մը չհետեւի կանոններուն, կարուած հագուստը լաւորակ չ՛ըլլար ու աւելի ծախս, մարդուժ ու ժամանակ կորսնցուցած կ՛ըլլայ դերձակը` դարձեալ շտկելու համար այդ հագուստը, բացի եթէ փափաք չունի իր յաճախորդին ուզածը տալու: Հոս, դերձակը անպայմանօրէն պէտք է մտածէ իր յաջորդ քայլին ու անոր հետեւանքներուն մասին` ապահովելու համար իր գործին արդիւնաւէտութիւնը: Շատ յաճախ, եթէ ոչ` միշտ, առօրեայ կամ հանրային գործերու մէջ, ապագայի հանդէպ անհեռանկար մօտենալու հարցը կը մնայ մութ ու չարծարծուած, եւ այն պահուն, երբ արծարծուի, անպայմանօրէն կը յետաձգուի: Օրինակ` մեծամասնութիւնը կրնայ ըսել, թէ` «ի՞նչ պէտք կայ այս գործը ընելու», առանց մտածելու, որ «եթէ չընենք, ի՞նչ կ՛ըլլայ»:

Այս գծով, ընդհանրապէս վախ մը եւ ձեւով մը կրաւորական կեցուածք գոյութիւն ունի այս յղացքներուն հանդէպ, որ իմ կարծիքովս աւելի կը զօրանայ, երբ կշիռքը կը ծանրանայ ծուլութեան եւ անտարբերութեան քիլոներով: Ցաւալին այն է, որ կատարելութեան ձգտումը շատ յաճախ անհատական մղում կը նկատուի, ու օրէնքին հետեւողը ինքնաբերաբար կը դառնայ կատարելապաշտ եւ իտէալապաշտ, երբ ա՛յդ պէտք է ըլլայ իր բնական ընթացքը: Զաւեշտալին այն է նաեւ, որ երբ անձ մը չի փորձեր հետեւիլ կանոններու, բնաւ չի զգար, թէ ի՛նքն է անհատական մղումով աշխատողը, եւ կը շարունակուի այսպէս «ջուրին հետ» քայլը: Քիչեր կ՛անդրադառնան, որ անձի՛ մը ջուրին կը հետեւին եւ ոչ` ընկերութեան մը կամ խումբի մը որոշած օրէնքներուն: Դժբախտաբար, դարձեալ, վախ ու կրաւորականութիւն` սխալին սխալ ըսելու: Ասիկա կը դադրի լուրջ հարց դառնալէ, երբ անհատ մը փափաք չ՛ունենար իրականացնելու հաւաքական գործերը կամ պարտականութիւնները, որոնք ընդհանրապէս կը յառաջանան անտարբերութեան, ձանձրոյթի ու, ինչո՞ւ չէ, այո՛, ծուլութեան պատճառներով: Նաեւ հարց չ՛ըլլար, երբ խումբ մը որոշուած գործերուն գոնէ ութսուն առ հարիւրը կ՛ամբողջացնէ:

Այս իմաստով, կարիքը կայ կարկինը աւելի լայն բանալու ծուլութեան ախտին ու անհեռանկար գործելաոճին վրայ, եւ ոչ թէ արդարացուին անոնք` սուրբ «կատարելապաշտութիւնը» նկատելով իբրեւ պատրուակ:

Չեմ երեւակայեր աւելի ոգեշնչող ու ներշնչող պարագայ մը, քան` խումբ մը, որ կը տեսնէ իր մշակած ծրագիրներուն յաջողութիւնը, որքան ալ դիւրին կամ բարդ ըլլան անոնք: Հո՛ս է գաղտնիքն ու նուրբ թելը, որ յաճախ ու յաճախ կը կտրուի «գաղափարապաշտութեան» ու «իտէալապաշտութեան» մկրատներով: Երկար սեմինարներու եւ դասախօսական շարքերու կարիքն ալ չկայ օրէնքին հետեւելու անհրաժեշտութիւնը սերմանելու խումբի մը մէջ, որովհետեւ նուազագոյն պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ այդ մէկը կատարելը: Այլապէս, անհատ մը, պարզ տրամաբանութեամբ, պէտք չէ մաս կազմէ տուեալ խումբին, մինչեւ չըմբռնէ, որ իր պարտականութիւնը պարտականութիւն կատարելն է, նուազագոյնը` ձգտիլն է անոր եւ ոչ` ձեռնածալ նստիլը, գործեր ստանձնելն ու զանոնք չկատարելը:

Այո՛ կատարելապաշտութեան, այո՛ իտէալապաշտութեան, ո՛չ ծուլութեան եւ անտարբերութեան:

Այո՛ աշխատանքին` դէպի օրէնքներու եւ աշխատելաոճի առաւել մանրամասն բիւրեղացման:

Այո՛ փորձին, այո՛ երկարաշունչ թուող աշխատանքին, այո՛ սորվելուն եւ սորվեցնելուն, ո՛չ ծուլութեան յանցանքին:

 

 

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Վկայագիրը. (Թարգմանուած) Վարդիվառ Յովհաննէսեան Աստղը, Որ Ինքզինք Անմահացուց Լիբանանեան Ֆութպոլի Պատմութեան Մէջ

0
0

ՌԱՀԻՖ ԱԼԵՄԻ
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի
ընդհանուր քարտուղար

Վարդիվառ Յովհաննէսեան

Վարդիվառ Յովհաննէսեան… աստղ մը, որ անմահացուց լիբանանեան ֆութպոլը եւ ոսկի տառերով արձանագրուած պիտի մնայ յիշողութեանը մէջ ֆութպոլի սիրահար զանգուածներուն` իբրեւ հայրենի մարզադաշտերէն ծնունդ առած բացառիկ մէկ յայտնութիւնը, լիբանանեան ֆութպոլի ողջ պատմութեան փառքի ոսկեդարը կերտած տիտաններու շարքին:

Վարդիվառ Յովհաննէսեան… ուժեղ վճռակամութեան տիպարը, որ վաղ պատանեկութենէն որոշեց ճեղքել իր ուղին հսկաներու ընդմէջէն, զարգացուց ֆութպոլի տիրանալու իր ձիրքը, մշակեց իր ֆիզիքական լայն կարողութիւնները եւ մարզական շնորհները, մինչեւ որ ճակատագիրը տնօրինեց հագնելու ՀՄԸՄ-ի շապիկը` ապահովելով հիմնական իր ուրոյն տեղը խումբին փայլուն աստղերու փաղանգին մէջ: Կարճ ժամանակէն նուաճեց ՀՄԸՄ-ի համակիր զանգուածներուն վստահութիւնը եւ դարձաւ ոսկեայ թանկագին աստղ մը:

Կայծակի արագութեամբ սուրացող Վարդիվառ, դարձաւ այն արտակարգ մարզիկը, որ ամեհի գրոհով խուճապի ու սարսափի կը մատնէր մրցակիցները, ի մասնաւորի` բերդապահը, միաժամանակ հիացնելով համակիրն ու հանդիսատեսը` իր արուեստով եւ իրեն յատուկ ստեղծագործ խաղարկութեամբ:

Ապա Վարդիվառ արժանաւորապէս հագուեցաւ ազգային խումբին շապիկը, իր կորովի եւ անձնուէր խաղարկութեամբ ճակատեցաւ միջազգային մրցումներուն` ոսկեզօծելով ամենաթանկ էջեր, ու աւելցնելով Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի պատմութեան տոմարներուն մէջ:

Վարդիվառ… արժէքաւոր անուն մը, որ անուրանալի ներդրումը բերաւ ՀՄԸՄ մեծ միութեան պատմութեան դրուատալից էջերուն եւ արդարօրէն արժանացաւ տիպար խորհրդանիշ «օրինակելի» կոչումին, իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դրած  ըլլալով իր համայնքին եւ հայրենիքին:

Վարդիվառ Յովհաննէսեան. անուն մը, որ պիտի յաւերժացնէ մարզական պատմութիւնը եւ յաւէտ քանդակուած պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ:

1-10-1999

Դէպի Ձախ Դարձի Ալիքը Հասաւ Սլովենիա

0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

3 յունիս 2018-ին տեղի պիտի ունենան Սլովենիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց կը մասնակցին նաեւ ընկերվար-ժողովրդավարները, որոնք կը կեդրոնանան ընկերային արդարութեան արժէքներուն վրայ` ազդուելով եւրոպական ընկերվար-ժողովրդավարական շարժումին մէջ տեղի ունեցած դէպի ձախ դարձէն:

Ընկերվար-ժողովրդավարներու ընտրական նշանաբանն է` «Վստահելի Սլովենիա»-ն: Անոնց նախընտրական ծրագիրը կեդրոնացած է Սլովենիոյ մէջ նոր-ազատականութեան շնորհիւ ծայր առած ընկերային անհաւասարութեան կասեցման վրայ: Այդ նախընտրական ծրագիրը կը միտի զօրացնել պետութեան հսկողութեան դերը, հաւասար կարելիութիւններ ընձեռել հասարակութեան բոլոր անդամներուն, լուծել երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը եւ աշխատաւորներուն բովանդակ իրաւունքները պաշտպանել:

Ստորեւ պիտի ներկայացնեմ ընկերվար-ժողովրդավարներու նախընտրական ծրագիրին մէջ ընդգրկուած ընկերային-տնտեսական հիմնական քաղաքականութիւնները:

«Վստահելի Սլովենիա» կարգախօսով նախընտրական ծրագիրին մէջ անդրադարձ կատարուած է ընկերային-տնտեսական կարեւոր կէտերու: Այդ ծրագիրին մէջ «Տնտեսական ժողովրդավարութիւն» բաժինը կը յիշուի: Այս բաժինը կեդրոնամէտ տնտեսական ազատականութեան օրերուն բացակայ էր ընկերվար-ժողովրդավարներու նախընտրական ծրագիրներուն մէջ, իսկ այսօր անիկա անգամ մը եւս վերադարձած է: «Տնտեսական ժողովրդավարութիւն» բաժինին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Մենք ընդարձակ ժողովրդավարական տնտեսութեան մէջ կը տեսնենք փոփոխութիւնը դէպի արդար գործակցութիւն, առաւել եւս` արդիւնաւէտութիւն, արտադրողականութիւն եւ նորարարութիւն տնտեսական եւ հասարակական կեանքին մէջ: Յաւելեալ տնտեսական ժողովրդավարութեամբ մենք կրնանք յաղթահարել աշխատանքի եւ դրամագլուխի միջեւ հակամարտութիւնը: Հետեւաբար մենք զարգացման փուլ կը ստեղծենք` առաջնահերթ նկատելով տնտեսական զարգացումը եւ, իբրեւ այլընտրանք, կը տեսնենք տնտեսական ժողովրդավարութիւնը` անբարեխիղճ մեծ ընկերութիւններու դրամատիրութեան դիմաց: Ահա մենք կը տեսնենք ընկերային համերաշխութիւնը` իբրեւ տնտեսական ժողովրդավարացման միջոց: Մեր պատասխանը ներկայ ընկերային անհաւասարութեան հետեւեալն է. մենք կը պաշտպանենք «տնտեսական ժողովրդավարութիւն» հասկացողութիւնը, որովհետեւ մեզի համար մարդու արժէքը աւելի կարեւոր է, քան` դրամական արժէքները, եւ ատոր համար ալ մենք պէտք է պաշտպանենք աշխատաւորները, պաշտօնեաները եւ երիտասարդները»:

«Զարգացում եւ բարգաւաճում բոլորին համար» բաժինին մէջ ընկերվար-ժողովրդավարները կ՛առաջարկեն` բարձրացնել արտադրողականութիւնը նոր մօտեցումներով եւ գիտելիքներով, բարձրացնել միջազգային ներգրաւուածութիւնը Սլովենիոյ տնտեսութեան, թուայնացումի եւ փոքր ձեռնարկութիւններու քաջալերանք, գիտելիքներու եւ արուեստագիտութեան օգտագործում, մաս կազմել շրջանային եւ միջազգային թուայնացած շուկային:

«Արդար հարկեր, զօրաւոր միջին դասակարգ» բաժինին մէջ ընկերվար-ժողովրդավարներու նախընտրական ծրագիրը կը նշէ. «Յառաջիկայ ժամանակաշրջանին հիմնական նպատակն է միջին դասակարգի բնակչութեան կառուցուածքային ամրապնդումը: Արդար եւ յառաջատուական հարկային քաղաքականութիւնը կարեւոր կը նկատուի` բարելաւելու միջին դասակարգի դիրքը` բարձր հարկեր պարտադրելով բարձր եկամուտ ունեցողներուն, աստիճանական հարկեր` նուազագոյն աշխատավարձէն բարձր գանձողներուն (ըստ հարստութեան), ինչպէս նաեւ` բնութեան վնաս հասցնող նիւթերուն վրայ յաւելեալ հարկեր նկատի ունենալով:

«Աղքատութեան եւ ընկերային զրկուածութեան կրճատում»-ի հարցին շուրջ ընկերվար-ժողովրդավարները կ՛առաջարկեն աղքատութեան համեմատութեան նուազեցում, ընկերային ծառայութիւններու արդիւնաւէտութիւն եւ նիւթական օժանդակութեան ամրապնդում` ընկերային ապահովագրութեան վրայ յաւելեալ ներդրումներ կատարելով, կրթութեան իրաւունքը դարձնելով քաղաքացիին անհատական իրաւունքը` առանց դասակարգային խտրութեան, եկամուտի արդար բաշխում կատարելով եւ ընկերային աշխատողներու թիւը աւելցնելով:

Ինչ կը վերաբերի միջազգային գետնի վրայ Սլովենիոյ վարկի բարձրացման, «ընկերվար- ժողովրդավարները կը ցանկան, որ Սլովենիան ըլլայ որակեալ կեանքի, կայուն զարգացման, նորարարութեան, ընկերային եւ տնտեսական յաջողութիւններու ծիրին մէջ առաջին տասը երկիրներէն մէկը»: Նախընտրական ծրագիրը կ՛աւելցնէ. «Մենք կը տեսնենք նման զարգացման յառաջընթացի հիմնական գործիքները մեր ժողովուրդի գիտելիքներուն ու կարողութիւններուն եւ Սլովենիոյ եւրոպայակեդրոն ըլլալուն մէջ»:

Ընկերային արդարութեան եւ հաւասար կարելիութիւններ ստեղծելու վրայ կեդրոնանալով` յանուն զրկուածութեան եւ աղքատութեան դէմ պայքարի աւելի ճիշդ դիրքորոշումը եւ ընկերվար- ժողովրդավարներու դէպի ձախ մղումը աւելցուց անոնց ժողովրդականութիւնը. նախորդ ընտրութիւններուն ընթացքին (13 յուլիս 2014-ին) անոնք ապահովեցին քուէներուն 6 առ հարիւրը, իսկ 9 ապրիլին, ըստ իրենց հետազօտութիւններուն, համեմատութիւնը հասաւ 12,2 առ հարիւրի` գրաւելով քուէարկողներուն առաջին դիրքը:

 

 

Քաղաքական Վերլուծում. Ինչո՞ւ Իրան Չի Կրնար Իսրայէլի Դէմ Պատերազմիլ

0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Հակառակ շրջանային քաղաքականութեան մէջ Իրանի հզօրութեան, մասնաւորապէս` ամերիկեան ուժերու Իրաքէն հեռանալէն ետք, եւ սուրիական տագնապի երկարաձգումին պատճառով, Իրանի համար տակաւին վտանգաւոր է Իսրայէլի հետ ռազմական ուղղակի շփում ունենալը: Տնտեսական եւ զինուորական պայմանները չեն ներեր այդպիսի դիմակայութիւն, հետեւաբար Իրան միայն կրնայ արգիլել Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի մուտքը` իր դաշնակիցներուն միջոցով:

Հետեւեալ ուսումնասիրութիւնը պիտի բաժնուի չորս մասերու.

Ա.- Վերլուծել Իրանի ռազմավարութիւնը Միջին Արեւելքի եւ Սուրիոյ մէջ:
Բ.- Ո՞վ կը կայացնէ ռազմական որոշումները Իրանի մէջ:
Գ.- Իրանի տնտեսական ու ռազմական ուժը եւ տկարութիւնը:
Դ.- Վերջապէս, ինչպէ՞ս Իրան կրնայ դէմ դնել Սուրիոյ մէջ իսրայէլեան քաղաքականութեան:

Իրանի Ռազմավարութիւնը
Միջին Արեւելքի Եւ Սուրիոյ Մէջ

Իրան 1979-ի Իսլամական յեղափոխութենէն ետք եղած է երկիր մը, որ միշտ ալ ուզած է վերատեսութեան ենթարկել միջազգային յարաբերութիւնները շրջանին մէջ: Ան առաջին իսկ օրէն փորձեց իր յեղափոխական գաղափարները տարածել դրացի երկիրներուն մէջ: Մանաւանդ` այն երկիրներուն մէջ, ուր կը գտնուին շիի դաւանանքի հետեւորդներ: Սակայն այս փորձերը անյաջող էին: Իսկ սուրիական տագնապը ցոյց տուաւ, որ Իրան այլեւս իր գաղափարախօսութիւնը չ՛օգտագործեր` հասնելու իր նպատակներուն, այլ զուտ քաղաքական հաշիւներ ունի:

Իրանի շրջանային քաղաքականութիւնը վերելք ապրեցաւ, երբ Միացեալ Նահանգներ ներխուժեցին Իրաք (2003), եւ Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգին փլուզումով այլ երկիր մը չկար, որ Իրանի քաղաքականութիւնը կարենար կասեցնել շրջանին մէջ: Այսպիսով, Իրան թափանցեց իրաքեան քաղաքական կեանքին մէջ: Իսկ 2011-ին, երբ ամերիկեան ուժերը քաշուեցան Իրաքէն, երկիրը գրեթէ պատանդ դարձած էր Իրանի ձեռքերուն մէջ: 2011-էն ետք այլեւս ոչ մէկ բան կը կասեցնէր իրանեան կամուրջը, որ կը կապէր Իրաքը Սուրիոյ եւ ապա` Միջերկրական ծովուն:

Իրանի ռազմակայանները Սուրիոյ մէջ

2011-ին, երբ Սուրիոյ մէջ հակակառավարական ցոյցերը տեղի ունեցան, Իրանի այդ օրերու նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ փորձեց ելք մը գտնել Սուրիոյ Իսլամ եղբայրներու կազմակերպութեան հետ: 2011-ին Իրան կողմնակից էր «Արաբական գարուն»-ին: Սակայն Իրանի վարչակարգը կասեցուց նախագահ Ահմատինեժատի երկխօսութիւնը, եւ Իրանի քաղաքականութիւնը այլեւս գաղափարական բնոյթ չստացաւ: Իրանի համար Սուրիան միակ դաշնակիցն էր եւ ճամբան` դէպի Հըզպալլա. իրանցի ղեկավարներ հաշիւ ըրին, որ եթէ Սուրիան իյնար, նոյն իրադարձութիւնները կրնային կրկնուիլ նաեւ Իրանի մէջ:

Իրանի եւ Սուրիոյ յարաբերութիւնները ունին աշխարհաքաղաքական հեռանկար: Երկու երկիրները կը պայքարին իսրայէլեան եւ ամերիկեան կայսերապաշտութեան դէմ: Թեհրան Սուրիոյ եւ Հըզպալլայի միջոցով դարձաւ պաղեստինեան հարցին պաշտպաններէն մէկը: Թեհրանի համաձայնութիւնը Սուրիոյ եւ Հըզպալլայի հետ նպատակ ունի հաւասարակշռութիւն ստեղծել շրջանին մէջ` ընդդէմ ամերիկեան եւ սէուտական քաղաքականութեան: Սուրիոյ մէջ Իրանի միջամտութիւնը կը բացատրուի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի հետեւեալ խօսքով. «Եթէ մենք չմիջամտենք Սուրիոյ մէջ եւ չպայքարինք սիոնական ու ամերիկեան ահաբեկչութեան դէմ, ապա անոնց դէմ պիտի կռուինք Թեհրանի, Սպահանի եւ Խորասանի մէջ»: Շատ յստակ էր Խամենէիի պատգամը` վարել պաշտպանական քաղաքականութիւն այլ երկրի մը մէջ` խոչընդոտելու համար Ամերիկայի եւ Իսրայէլի մուտքը Իրան: Այս էր Իրանի ռազմավարութիւնը Սուրիոյ մէջ` «Պատերազմէ՛ դուրսը, որպէսզի խաղաղութիւն ունենաս սահմաններուդ մէջ»:  Այս ռազմավարութիւնը որդեգրուեցաւ Իրանի կողմէ, մանաւանդ երբ Իրան-Իրաք պատերազմին ան ունեցաւ մօտ 350.000 զոհ: Հետեւաբար Իրանի համար Սուրիան եւ Հըզպալլան կարեւոր են, որպէսզի պայքարին արտաքին թշնամիին դէմ` առանց պատերազմ մը սկսելու Իրանի մէջ:

Որոշումներու Կայացումը

Բոլորիս ալ ծանօթ է, որ Իրանի մէջ կարեւոր որոշումները կը կայացուին գերագոյն հոգեւոր պետին կողմէ, սակայն` ոչ անպայման: Ազգային գերագոյն անվտանգութեան խորհուրդը (ԱԳԱԽ) հսկայ դերակատարութիւն ունի, ինչ որ ամրագրուած է սահմանադրութեան մէջ:

ԱԳԱԽ-ի հիմնական նպատակն է պահպանել Իսլամական յեղափոխութեան վարչակարգը եւ պաշտպանել երկրին սահմաններն ու գերիշխանութիւնը:  Անիկա է, որ կը հաստատէ երկրին ռազմավարութիւնը եւ խորհուրդ կու տայ գերագոյն հոգեւոր պետին: Անիկա կը բաղկանայ երկրի արտաքին, ներքին, հետախուզական եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն, անոր ժողովներուն կը մասնակցի նաեւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը, սակայն վեթոյի իրաւունք չունի, եւ որովհետեւ այս մարմինը կը բաղկանայ ոչ զինուորականներէ, այլ` դիւանագէտներէ, անոր համար ալ գրեթէ պատերազմական որոշումներ չեն տրուիր այնտեղ, եւ անիկա միշտ Յեղափոխական պահակագունդին կողմէ կը մեկուսացուի:

Կարելիութիւններ,
Զօրաւոր Եւ Տկար Կէտեր

Իրանի կարելիութիւնները սահմանափակ են Իսրայէլի առջեւ:

Արեւմուտքին կողմէ միակողմանիօրէն պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցները ծանր հարուած հասցուցին Իրանի տնտեսութեան: Այստեղ պէտք է յիշել, որ Իրանի տնտեսութիւնը կախեալ է քարիւղի գիներէն, եւ այդ պատճառով ալ երկիրը կը տառապի անգործութենէ եւ տնտեսական ճգնաժամէ: 2017 դեկտեմբերին տեղի ունեցան հակակառավարական ցոյցեր: Ցուցարարները պահանջեցին, որ Իրանի կառավարութիւնը Սուրիոյ եւ Հըզպալլային դրամ ուղարկելու փոխարէն` ժողովուրդին պէտքերուն հասնի: Ցուցարարներուն կարգախօսները հետեւեալներն էին. «Ո՛չ Սուրիոյ, ո՛չ ալ Հըզպալլային, այլ միայն` Իրանին»: Իրանցի ընդդիմադիր ղեկավարները կոչ ուղղեցին կառավարութեան, որ իր բոլոր ռազմական եւ տնտեսական օգնութիւնները կասեցնէ դէպի այլ երկիրներ եւ կազմակերպութիւններ:  Ըստ «Միտըլ Իսթ Այի» (2017), Սուրիոյ մէջ սպաննուած են մօտ 2100 իրանցի զինեալներ, եւ Իրան տարեկան 20 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն կը տրամադրէ Սուրիոյ:

2018 փետրուարին Թել Աւիւի համալսարանի Ազգային անվտանգութեան ուսումնասիրական կեդրոնը հրապարակեց հետազօտութիւն մը, ուր կը վերլուծուէր ցամաքային անցքի կարեւորութիւնը Իրանի եւ Սուրիոյ միջեւ:

2017 գարնան իրաքեան շիիական ուժերը, որոնք կը վայելեն իրանեան Յեղափոխական պահակագունդին հովանաւորութիւնը, ՏԱՀԵՇ-էն կրցան գրաւել Պուքամալ միջանցքը, որ կը գտնուի Սուրիոյ եւ Իրաքի միջեւ: Միացեալ Նահանգներ քիւրտերուն միջոցով փորձեցին կանխել իրանեան յառաջխաղացքը, սակայն` ապարդիւն: Այսպիսով, Իրան պիտի կարենար զինամթերք հայթայթել Սուրիոյ մէջ իր ուժերուն եւ դաշնակիցներուն: Սակայն մինչեւ օրս իրանական կողմը չօգտագործեց այս ռազմավարական անցքը` մտավախութիւն ունենալով, որ իսրայէլեան կամ ամերիկեան օդուժը ռմբակոծէ իրանական պաշտպանութեան ուժերը: Աւելի՛ն. Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու համար ցամաքային այդ անցքը մտահոգութիւն է, որովհետեւ կը հասնի մինչեւ Միջերկրական ծով` Թարթուսի եւ Պէյրութի միջոցով, բան մը, որ կրնայ Իրանին շունչ մը տալ եւ նուազ ազդուիլ տնտեսական պատժամիջոցներէն:

«Շահապ 3» հրթիռին տարողութիւնը

Հակառակ անոր որ Իրան Միջին Արեւելքի չորրորդ ամէնէն հզօր ռազմական ուժը կը ներկայացնէ («Ֆորպզ», 2018), սակայն անոր օդուժը տակաւին կ՛օգտագործէ Խորհրդային Միութենէն մնացած օդանաւեր: Այստեղ պէտք է մատնանշել, որ Իրանի տարեկան ռազմական պիւտճէն կը հասնի մօտ 16 միլիառ տոլարի, Իսրայէլի ռազմական պիւտճէն` 23 միլիառ տոլարի, իսկ Սէուտական Արաբիոյ ռազմական պիւտճէն` մօտ 76,7 միլիառ տոլարի: Սակայն Իրան իր ռազմական պիւտճէին մեծ մասը կը յատկացնէ հեռահար հրթիռներու շինութեան, ինչ որ իր հիմնական զէնքը կը նկատուի ապագայ որեւէ պատերազմի ընթացքին: Այստեղ պէտք է մատնանշել, որ Իրան նոյն հեռահար հրթիռներուն զոհը դարձած էր Իրան-Իրաք պատերազմին ժամանակ: Յայտնենք նաեւ, որ Իրանի եւ «Շահապ 3» հրթիռը կը հասնի մինչեւ արեւելեան Եւրոպա:

Սակայն իրանական օդուժը կը մնայ լքուած վիճակի մէջ, որովհետեւ կառավարութեան մէջ Յեղափոխական պահակագունդի աջակիցները կը նախընտրեն, որ ռազմական պիւտճէն յատկացուի հրթիռներուն եւ Սուրիոյ մէջ պահակագունդի աշխատանքներուն: Աւելի՛ն. վերջերս Իսրայէլ ծանր հարուածներ հասցուց Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ռազմակայաններուն, որոնք տեղակայուած էին Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ:

Իրան Ի՞նչ Կրնայ Ընել Իսրայէլի Հետ
Պատերազմի Մը Պարագային

Հետեւաբար այս բոլորը կ՛ապացուցեն, որ Իրանի ընտրանքները սահմանափակ են, եւ ներքին անկայունութիւնն ու բանակին սպառազինման խնդիրները պատճառ կը դառնան, որ Իրան խուսափի հարաւային Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի դէմ որեւէ ուղղակի բախումէ:

Սակայն Իրան իր պաշտպանական դիրքերը ամրապնդելու համար պէտք է որոշ միջոցառումներու դիմէ: Այսպէս`

– Իրան պէտք է վստահեցնէ Ծոցի արաբական երկիրները, որ իր հրթիռները եւ ռազմական ներդրումը չեն ուղղուած իրենց դէմ, այլ միայն` Իսրայէլի դէմ: Այստեղ Իրան կրնայ երկխօսութեան ճամբայ մը բանալ մասնաւորապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ` Եմէնի հարցով:

– Իրան պէտք է ամէն ջանք թափէ, որ դիւանագիտական ճամբով լուծուի սուրիական տագնապը եւ Ռուսիոյ հետ գործակցի: Սուրիական պատերազմը բաւական սպառիչ եղաւ Իրանի տնտեսութեան համար, հետեւաբար ան կարիքը ունի ռուսական գործակցութեան, որպէսզի դէմ դնէ իսրայէլեան որեւէ յարձակումի:

– Իրանի շահերէն չի բխիր պատերազմի սկսիլ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ, որովհետեւ պիտի կորսնցնէ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը` հիւլէական թղթածրարին վերաբերող համաձայնութեան գծով եւ պիտի մեկուսացուի շրջանին մէջ: Հետեւաբար իր քարտերը վերահաստատելու համար պէտք է շարունակէ իր ռազմական օժանդակութիւնները, մասնաւորաբար հրթիռներ տրամադրէ Համասին եւ Հըզպալլային, որպէսզի «վտանգի հաւասարակշռութիւն» հաստատէ Իսրայէլի շուրջ:

——————-

Raymond Hinnebusch&AnourshiravanEhtsehami, “The Foreign policy of Middle East states”, Lynne Rienner publishers, USA, 2014

Will Fulton, Joseph Holliday and Sam Wyer, “Iranian strategy in Syria”, Institute for the Study of War, (May 2013), http://www.understandingwar.org/report/iranian-strategy-syria

“Iran’s priorities in a turbulent Middle East”, International Crisis Group, Middle East Report N. 184, (April 2018), https://www.crisisgroup.org/middle-east-north-africa/gulf-and-arabian-peninsula/iran/184-irans-priorities-turbulent-middle-east

Daniel L. Byman, “Syria and Iran: What’s behind the enduring alliance?” Brookings Institute, (July 19, 2006), https://www.brookings.edu/opinions/syria-and-iran-whats-behind-the-enduring-alliance/

Kevjn Lim, “National Security Decision-making in Iran”, Comparative Strategy, Volume 34, issue 2, (2015)https://www.tandfonline.com/doi/full/10.1080/01495933.2015.1017347?scroll=top&needAccess=true

Michael Wahid Hanna & Dalia Dassa Kaye, “The Limits of Iranian Power”, Survival, Global Politics and Strategy, (September 23, 2015),https://www.tandfonline.com/doi/full/10.1080/00396338.2015.1090130?src=recsys.

Ali Fathollah-Nejad, “Iranians respond to the regime: ‘Leave Syria alone’!”,al-Jazeera, (May 2, 2018), https://www.aljazeera.com/indepth/opinion/iranians-respond-regime-leave-syria-180501081025309.html

Ephraim Kam, “Is Iran about to Operate the Land Corridor to Syria?”, INSS, Insight No. 1021, (February 14, 2018), http://www.inss.org.il/publication/iran-operate-land-corridor-syria/,

Seth J. Frantzman, “Iran wants to retaliate against Israel, but how?”, Jerusalem Post, (April 30, 2018), https://www.jpost.com/Middle-East/Iran-News/Iran-wants-to-retaliate-against-Israel-but-how-553129

“Israel, Hizbollah and Iran: Preventing another war in Syria”, International Crisis Group, Middle East Report No 182, (February 2018),

 

Yeghia.tash@gmail.com

 

 

Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ
(Եղիազարեան, 1885-1969)

* Անդունդի եզրին ծնաւ նաեւ Սարդարապատը, եւ երբ պսակուեցաւ յաղթանակով, ժողովուրդի մրմունջներուն մէջ աղեխարշ պատկառանքով կը յիշուէին Արամի եւ Դրոյի` Դրաստամատ Կանայեանի եւ Արամ Մանուկեանի անունները, փոխն ի փոխ, բայց միշտ` միեւնոյն բովանդակութեամբ: Փրկարարներ: Առաջնորդներ: Ժողովուրդի զօրութեան ողնասիւններ: Եւ կրկին` երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ան էր, որ կեցաւ անհաշտ հատուածներու` արեւելահայու եւ արեւմտահայու խաչմերուկին վրայ: Մինչեւ այն ատեն որ կար Արամ Մանուկեան, չկար տարբերութիւն երկու հատուածներուն միջեւ: Ան կը ներկայացնէր ե՛ւ մէկը ե՛ւ միւսը:

* Իբրեւ իր ժողովուրդի հարազատ զաւակ, խոհուն առաջնորդ, աննկուն մարտիկ եւ միշտ պատնէշի վրայ կեցող նախանձախնդիր հայ` Արամ Մանուկեան բոլոր ժամանակներուն մեզի կը փոխանցէ պատգամ մը, որ անժամանցելի է:

ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ
(Վիգէն Գլակ, 1889-1971)

* Հայոց ազգ. խորհուրդը կը տեսնէր, որ իր հարեւանները մէկիկ մէկիկ կը դաւեն իրեն ու զինքը առանձին կը թողուն ահաւոր վտանգին դիմաց:

1918 մայիս 29-ի գիշերը զարհուրելի գիշեր մը եղաւ հայութեան համար: Հայոց ազգային խորհուրդը հոն, Թիֆլիսի մէջ, հայուն ճակատագիրը պիտի վճռէր:

Ու վճռեց: Ան ահաւոր մղձաւանջներու եւ փոթորիկներու այդ պահուն որոշեց ինքզինք յայտարարել ազգային միակ գերագոյն իշխանութիւն եւ միակ մարմին` հայկական խնդիրներու լուծման համար:

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմն էր, որ կը դրուէր:

* Մայիս 22-24 անպատմելի հոգեցունց մը կ՛ունենար հայ ժողովուրդը: Խուռներամ բազմութիւններ ճամբայ կ՛ելլէին Երեւանէն եւ բազմաթիւ գիւղերէն դէպի Սարդարապատ, Բաշ Ապարան եւ Ղարաքիլիսէ:

Դասալիք զինուորներ ետ կը դառնային: Հայր եւ տղայ միասին կը մեկնէին Երեւանէն: Դասալիք տղայի ծերունազարդ հայրը հրացանը գրկած` Սարդարապատ կ՛իջնէր Վարդանանց պատերազմին մասնակցելու: Գարեգին եպս. Յովսէփեանց Սարդարապատ էր եւ Ղեւոնդ Երէցի դերը կը կատարէր իր հրահրող ճառերով:

* Մայիս 28-ի պատմական իրողութիւնը մեծագոյն դարձակէտն է հայ ժողովուրդի ճակատագրին, որ եօթը հարիւր տարիներու անջրպետէն նոր եւ հաստատուն կամուրջ մը կը կապէր իր ազատութեան եւ անկախութեան ճամբուն վրայ:

* Մայիս 28-ը հայ պետութեան վերակերտումի թուականն է, արիւնոտ պատերազմներու եւ  յաղթական ճակատամարտերու վերջին արդիւնքը` դրօշազարդ: Այնքան կորուստներէն ետք հայ ժողովուրդի միակ եւ սփոփիչ մխիթարանքը կ՛ըլլար փառաւոր յարութիւնը ազատ եւ անկախ հայրենիքին:

Դարերէն եկած տենչանքն էր մայիս 28-ը: Եւ գալիք դարերուն ոգեւորութիւն եւ հպարտութիւն ներշնչող ներկայութիւն մըն է մայիս 28-ը:

* Հայ ժողովուրդը անհաւասար պայքարներու մէջ նետուեցաւ տիրապետող եւ բռնակալ երկու կայսրութիւններուն դէմ, բազմիցս արիւնլուայ եղաւ, նոյնիսկ ապրեցաւ ապրիլեան Եղեռնը (1915-ին) եւ սակայն յամառ ու տոկուն պայքարներով արիւնի ծովէն եւ մռայլ անդունդէն յարութիւն առաւ 1918 մայիս 28-ին, երբ շատերուն համար անոր փրկութիւնը անյուսալի էր:

Այս հրաշքը հայութեան կու տար անկախ հայրենիք մը, հայութիւնը կը գօտեպնդէր յաղթանակի զգացումներով, եւ հայ ցիր ու ցան բեկորները մահուան եզրէն յուսալից կեանքին կը վերադարձնէր:

* Հայ ժողովուրդի ճակատագիրը վարելու եւ հայկական պետութիւն ստեղծելու մեծագործութիւնը 1914-1918 ժամանակաշրջանին ինկաւ ՀՅ Դաշնակցութեան ուսերուն վրայ: Ազատագրական տագնապալի այդ շրջանին Դաշնակցութիւնը դրօշակիրը եղաւ հայոց հայրենիքին ազատութեան եւ անհաշուելի զոհերով մայիս 28-ին հասաւ: Այդ օրն իսկ իր արիւնոտ կարմիր դրօշը վերածեց եռագոյնի, որ անկախ Հայաստանի վրայ ծածանեցաւ իբրեւ դարերէն եկող դիւցազնական օրհնութիւն մը:

* Մայիս 28-ը յիշատակի թուական մը չէ, անցեալի մը փառատօնը չէ, պատմութեան անցած եւ փակուած դրուագ մը չէ, այլ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՆԵՐԿԱՅ ՄԸՆ Է:

Ամէն օր հայ ժողովուրդի սիրտը կը տրոփէ եւ պիտի տրոփէ մայիս 28-ի զարկերուն տակ: Ամէն օր հայ ժողովուրդը կը քալէ դէպի մայիս 28, եւ` այդ օրէն գծուած ուղիով:

Չի կրնար չմտածել, չի կրնար չգործել, չի կրնար չզգալ: Այդ է իր ճակատագիրը:

* Հայ ազգի եւ հայ հայրենիքի ազատութեան յաւիտենական ղօղանջն է մայիս 28-ը:

Գալիք սերունդները այդ մշտատեւ զանգին մտիկ պիտի ընեն` իրենց քայլերը ուղղելով Ազատութեան Ճանապարհին:

Ճակատագիր մըն է մայիս 28-ը:

* Մտքի թռիչքով մը անցէք հայոց աշխարհի բոլոր դէպքերուն եւ արարքներուն վրայէն, վերէն դիտեցէք տեսարանը քաջութեամբ կարկառուն ու արիւնով ներկուած պատկերներուն ու դուք ամէնուրեք պիտի տեսնէք, որ բոլորի սրտին ու մտքին մէջ կը ծածանի դրօշակը հայոց ազատութեան ու անկախութեան: Այդ դրօշը ՀՅ Դաշնակցութիւնը բարձրացուց. այդ դրօշը կը յանձնէ ներկայ սերունդին, որ օր մը բախտը պիտի ունենայ զայն բարձրացնելու ամբողջական, ազատ եւ անկախ հայրենիքի բոլոր բարձունքներուն վրայ:

* Հայաստանի խորհրդարանի բացման օրը` 1919 օգոստոս 1-ին, երբ յաղթական թուրքերն ու գերմանները խստօրէն կը հսկէին մեր վրայ, նախագահ Աւ. Ահարոնեան զսպուած զայրոյթով մը կ՛ըսէր իր նախագահական ճառին մէջ. «Մեր սահմանները երկաթէ չեն, անոնք պիտի լայննան»:

Անցան դաժան օրերը, եկաւ նոր գարուն: Լայնցան մեր սահմանները, Մասիսը ազատագրուեցաւ եւ Ահարոնեանը անկէ յետոյ չդիմեց գերմաններուն,  որպէսզի` «Մեզի այնքան հող տան, որ գոնէ մեր մեռելները թաղելու տեղ ունենանք…»:

* Ճակատագիրը կը փոխուէր, արի արանց գիտակից հերոսներ, անսահման զոհողութեամբ, ազատութիւն կամ մահ նշանաբանով, հայոց պատմութեան անիւը կը փոխէին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի ազատագրական մեծ ճակատամարտերուն մէջ ու կը նուիրէին հայրենիք մը իր պաշտելի եռագոյնով: Փառքերու գերագոյնը, անանցանելի հպարտանքի մեծագոյնը, հայ մարդու բարձրագոյն արժանապատուութիւնը:

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
(ՂԱԶԱՐԵԱՆ, 1924-1971)

* Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար.
Այսպէս ծագեց, արեգակեց
Սարդարապատի մարտը մեծ:

Զանգեր ղօղանջէք,
Սրբազան քաջերին կանչէք
Այս արդար մարտին:
Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք
Սարդարապատից:

ՅԱԿՈԲ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
(1893-1972)

* … Մայիս ամսի գարնան տաք օրերն էին… թուրքերը ամրացել էին բարձունքի վրայ, կրակում էին գնդացիրներով եւ հրանօթներով: Հայ զօրագնդերը պաշտպանողական դիրքեր չունէին: Մեր գունդն ունէր գնդացրային մի ջոկատ` շտապս կապիտան, քաջ սպայ Տաճատ Յովակիմեանի հրամանատարութեամբ: Գնդի աջ թեւը` առաջին գումարտակը, բաւականին զոհեր տուեց: Ընկան` գումարտակի հրամանատար Վարդան Ջաղինեանը, Թոփչեանը, Սարգսեանը, վիրաւորուեց Ոսկանեան Գեղամը: Թուրքերի գնդակները մեզ չէին սարսափեցնում, մենք լցուած էինք բուռն ատելութեամբ: Կռիւը անհաւասար էր, բայց մենք չընկճուեցինք, գրոհեցինք, զոհերի գնով գրաւեցինք բարձունքը:

ԱՐՇԱԼՈՅՍ ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՐԵԱՆ
(1883-1973)

* Ահաւոր տագնապի նախօրեակին Արարատեան դաշտի ու յարակից գաւառների հայութիւնը չունէր իր մէջ թաքնուած ուժերի գիտակցութիւնը: Սակայն հերոսութեան հուժկու ալիքը համակեց նրան, երբ սկսուեց ճակատագրական բախումը թշնամու հետ: Թիկունք ու ճակատ հոգով ու մարմնով միացել էին իրար: Ահա հոգեբանական այս պայմաններն էին, որ ծնունդ տուին Սարդարապատի Հրաշքին:

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ
(1900-1974)

* Ու յետո՞յ… յետոյ զեռունը կը դառնայ հրեղէն բեգաս ու ստրկութեան ճախփախուտ հարթավայրէն թեւ կ՛առնէ աստուածամերձ բարձունքներու էտլվայսներուն ի խնդիր: Յետոյ` ֆետայական շարժում ու Խանասոր, Զէյթուն ու Սասուն, Պանքա ու Պոմպա, Սարդարապատ ու Ղարաքիլիսէ: Յետոյ` մեր յեղափոխական պայքարին հրեղէն շղթան, որ օղակ կը նետէ ադամանդէ այն մանեակին, զոր հայ յեղափոխութիւնը բռնակալութեան լուծին փոխարէն կախել ուզեց մայր հայրենիքի վիզէն:

Մայիս 28-ը հայ յեղափոխութեան հարազատ ծնունդն է:

ՎԱԼԱԴ ՎԱԼԱԴԵԱՆ
(1883-1974)

* Եւ քանի նոր ու նոր տարիներ անցնեն մայիսի 28-ի վրայից, այնքան աւելի՛ ու աւելի պիտի ըմբռնեն մեր այսօրուայ թերահաւատներն ու սկեպտիկները, թէ ի՛նչ է արդարեւ մայիսի 28-ը: Աւարայրներն ու Սարդարապատները ժխտել, ջնջել կարելի չէ: Այլ ընդհակառակը, նրանք իրենք ջնջել են ու պիտի ջնջեն եւ կործանեն ամէն հակառակութիւն ու թշնամութիւն, որ արւում է իրենց այլեւայլ մտայնութեամբ ու նկատառումներով:

ԿԱՐՕ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
(1895-1975)

* Հայրենակարօ՛տ հայրենակիցներ, 41 տարիներ անցան մայիս 28-ի փառահեղ թուականին վրայէն: Այս 41 տարիներու 38-ը մենք անցուցինք օտարութեան մէջ, լեցուած` անցեալի յուշերով: Հայրենիքէն հեռու` հիմա մենք աւելի կը զգանք անկախութեան պահանջը: Մեր անկախութիւնը պատահականութեան արդիւնք չէր, ինչպէս կ՛ուզեն բացատրել ստրկամիտ մարդիկ: Եթէ այդպէս ըլլար, մենք պիտի չցաւէինք անոր կորուստին համար: Մեր բիւրաւոր նահատակներու արեան գինն է մայիս 28-ը, որ մեր բոլոր թշնամիներու աչքին փուշ դարձաւ: Թուրքն ու պոլշեւիկը, ձեռք-ձեռքի, օր եւ գիշեր դաւեցին անոր դէմ: Սակայն յոյսը չի մարիր մեր սրտին մէջ: 1921 փետրուար 18-ի ապստամբութիւնը ցոյց տուաւ, որ հայ ժողովուրդը երբ զարնել ուզէ, կը զարնէ ուժգին ու անվրէպ:

* Ծանր է, մեզի համար ապրիլ Հայաստանէն դուրս. սակայն ի սփիւռս աշխարհի մեր ժողովուրդը տակաւին ամուր է եւ կորովի: Մենք ուժ կ՛առնենք մեր հերոսներու կեանքէն: Իսկական հերոսներ էին մեր անկախութիւնը կերտողները եւ ո՛չ թէ սոսկական քաջեր: Անանձնական կեանքով ապրող, իտէալ եւ զգացում ունեցող առաքեալներ էին: Անհատական նկատառումներ անոնց մտքին մէջ տեղ չունէին: Ո՛ւր որ վտանգ կար, անոնք հոն էին: Այդ է պատճառը, որ Արամը, Նազարբէկեանը, Սիլիկեանը, Դրոն եւ բազմաթիւ լուսաւոր դէմքեր նո՛յն կրակով վառեցան:

* Մայիս 28-ը փառքի եւ զոհաբերումի մեծ դրուագ մըն է: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, նախաձեռնելով անկախութեան տարեդարձի այս տօնակատարութեան, սփիւռքի մեր ժողովուրդին մէջ վառ կ՛ուզէ պահել անկախ ապրելու կիրքը: Մեր նպատակը մի՛շտ մեր հայրենիքն է, մեր ձգտումներով կեդրոնը Հայաստա՜նն է, ու հայ ժողովուրդի ազատութիւնը: Մենք գիտակցօրէն եւ ըմբռնումով կը սիրենք մեր հայրենիքը, որ դժբախտաբար անմատչելի դարձած է այսօր մեզի համար: Սակայն պիտի գայ օրը, երբ երգն ու ծիծաղը պիտի հնչեն նորէն մեր երկրին մէջ: Համոզուած ենք, որ ազատութեան արեւը դարձեալ պիտի ծագի, եւ լոյսերու մէջ պիտի ողողուի Հայաստան աշխարհը: Հաւատքը լեռներ կը շարժէ: Այսուհետեւ մենք պիտի ապրինք յաղթելու համար եւ պիտի յաղթենք, որպէսզի ապրինք:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
(1892-1976)

* Լոյսը բացուելուն պէս թուրքերը երեւացին երկաթուղու մօտի բլրի մօտերքում: Վարդանն իր գումարտակը դասաւորեց եւ առաջ շարժուեց, իսկ ես իմ գնդացիրներով պաշտպանում էի նրանց առաջխաղացումը, յետեւից էլ մեր թնդանօթներն էին խփում: Երկու կողմից էլ սկսուեց մեծ դղրդոց: Մերոնք երկաթուղու ուղղութեամբ, մենք` աջ թեւից, թուրքերն էլ` այդ բլրի մօտերքից: Կէս ժամ չանցած` տեղեկութիւն ստացուեց, որ Վարդանը սպանուել է: Վարդանի մահով շատ ազդուեցինք: Յանձին Վարդանի` մենք կորցրինք մի համեստ մարդու եւ քաջ հրամանատարի:

ՄԱՄԻԿՈՆ ՏԷՐ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
(1897-1976)

* … Ըստ ընդունած որոշման, թշնամուն պէտք էր թոյլ տայինք մօտենալու մեզ մինչեւ 150-200 քայլ եւ նոր միայն, յատուկ ազդանշանով եւ նախօրօք հրացաններին դրուած նշանացոյցերով, 160-170 հրացանից եւ երկու ծանր գնդացիրներից յանկարծակի կրակ թափէինք թշնամու գլխին: Հասաւ ժամը: Վաշտի յանկարծակի կրակը տեղում մեխեց թշնամուն® Առաջին վաշտերն իրար խառնուեցին, յետոյ խառնուած մասսան, դէմ առնելով իրենց իսկ տրանսպորտին, մեծ զոհեր կրելով, դուրս եկաւ խճուղուց աջ եւ ձախ: Այս խառնաշփոթութիւնը հնարաւորութիւն տուեց մեզ անընդհատ շարունակելու կրակը, իսկ թշնամուն արգելեց շտապ բացազատուել եւ հանել կրակի տակից իրենց զօրաբաժինները:

* Թշնամին ամբողջ իր հնարաւորութիւնները գործադրեց կոտրելու, կասեցնելու մեր առաջխաղացումը, բայց` ի զուր, նա պաշտպանութիւնից անցաւ գլխակորոյս նահանջի: Թողած դիակներից պարզուեց, որ մեզ հետ կռուողների մեծ մասը եղել էին թուրքական գուարդիայից` «Կալիփոլիի բանակ»-ից: Նրանք շատ լաւ հագնուած էին, գեղեցիկ եւ միահասակ: Միայն իմ վաշտի յարձակման մասում թշնամին թողել էր 29 դիակ:

ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
(1897-1977)

* … Սկսուեց Սարդարապատի հերոսական մարտը: Մեր ճակատի հրամանատարն էր Դանիէլ Բէկ Փիրումովը: Ես այդ ժամանակ առաջին գումարտակի 3-րդ վաշտի դասակի հրամանատարն էի: Սարդարապատի ճակատամարտի սկզբից մինչեւ վերջ` մայիսի 22-28, ես աշխուժօրէն մասնակցել եւ կռուել եմ, ինչպէս հարկն է: Մեր գումարտակի շտապս կապիտան Ջաղինեանը հերոս մարդ էր: Յիշողութեանս մէջ դեռ թարմ է այն, որ նա ցանկանում էր գրաւել թշնամու բարձունքը: Նա մի շարք հերոս հրամանատարների հետ միասին զոհուեց, որոնց թւում էին Սարգսեանը, Թոփչեանը եւ ուրիշներ: Նոյն կռւում զոհուեց նաեւ իմ համագիւղացի Անդրէաս Լեւոնի Տեմիրճեանը: Ինձ հետ Սարդարապատի ճակատամարտին մասնակցել են Աշոտ Կարապետեանը (ապրել է Վրացական ԽՍՀ Ախալքալաք քաղաքում), Օնիկ Աբիսողոմի Աբովեանը (ապրել է Երեւանում) եւ մի շարք ընկերներ, որոնք չգիտեմ` որտեղ են բնակւում, Նափոլէոն, Հմայեակ եւ ուրիշներ: Ինձ պարգեւատրեցին 3-րդ աստիճանի խաչով` մարտերում գործած հերոսութեան համար:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՒՐՇԵԱՆ
(1900-1978)

* Սարդարապատը բախտորոշ գոյամարտ էր, հայ ժողովրդի կորիզի կենաց եւ մահու կռիւ: Երեք տարի առաջ թուրքը կոտորել էր հայ ժողովրդի ամբողջ կէսը, այսօր եկել էր վերջ տալու նրա երկրորդ կէսին: Ինքնապաշտպանութեան գերագոյն մղումով ոտքի էին ելել հայ ժողովրդի բոլոր դասերն ու դասակարգերը, հոսանքներն ու պարտիաները:

ՄՈՒՇԵՂ ԳԱԼՇՈՅԵԱՆ
(1933-1980)

* Եղաւ մի լաւ բան: Եթէ յանկարծ Դաշնակցական կուսակցութիւնը չկարողանար մի փոքրիկ հանրապետութիւն ստեղծել, պետութիւն, անկախ մի պետութիւն, որ գոյութիւն ունեցաւ երկու տարի կամ աւելի պակաս, մենք այն ատեն հանրապետութիւն կոչուելու իրաւունք չէինք ունենայ, մենք կը լինէինք մարզ, աւտոնոմ (ինքնավար-Ա.Գ.) հանրապետութիւն: Որովհետեւ սահմանադրութեամբ միլիոնից պակաս ժողովուրդ ունեցողը, ազգաբնակչութիւն ունեցողը, առանձին հանրապետութիւն լինելու իրաւունք չունէր, եթէ նա պետութիւն չէր: Իսկ քանի որ կար էդ պետականութիւնը, մենք դարձանք առանձին հանրապետութիւն: Ահա էն մե՛ծ բանը, էն ինչ որ կատարեց Դաշնակցական կուսակցութիւնը եւ իրաւ պետութիւն ստեղծեց, ասենք թէ, էնքան պետականութիւնից զուրկ, վեց հարիւր տարուց յետոյ մի փոքրիկ պետութիւն: Յուզիչ մի պետութիւն:

ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ
(1908-1981)

* Ասոնք էին ազգայնականները` Դաշնակները, որոնք կռուեցան Հայաստանի համար, վասնզի կռիւը իրենց դիտած միակ ուղին էր պահպանելու համար կեանքը, արժանապատուութիւնը եւ ցեղը: Աշխարհը ատկէ տարբեր միջոց մը չունէր: Միայն զէնքով կ՛ըլլար այդ: Աստուծոյ անիծած ոջլոտ միջոցը, բայց դաշնակցականները մեծ մարդիկ էին եւ ըրին այն, ինչը պարտաւոր էին ընել: Իսկ ոեւէ հայ, որ կ՛արհամարհէ այս մարդիկը, տգէտ է կամ իր ցեղի մատնիչը: Այս մարդոց ընտրած ուղին սխալ էր, գիտեմ, որ սխալ էր, բայց ատկէ զատ ուրիշ միջոց չունէին անոնք: Է՜հ, անոնք շահեցան պատերազմը:

Այսպէս կամ այնպէս ամբողջ ցեղը չբնաջնջուեցաւ: Հայաստանի ժողովուրդը կը մսէր, անօթի էր եւ հիւանդ, բայց այս զինուորները շահեցան իրենց պատերազմը, եւ Հայաստան ազգ մը դարձաւ կառավարութեամբ մը եւ դաշնակներով կազմուած քաղաքական կուսակցութեամբ մը: Շատ տխուր եւ շատ սրտայոյզ է, երբ կը մտածէք այն հազարաւորներուն մասին, որոնք սպաննուեցան, բայց ես կը պատուեմ զինուորները, որոնք մեռան, եւ անոնք, որոնք կ՛ապրին տակաւին: Կը պատուեմ եւ կը սիրեմ զանոնք: Աղէտալի սխալ մըն էր այդ, բայց ազնիւ սխալ մը եւ Հայաստան եղաւ Հայաստան: Անշուշտ շատ փոքր ազգ մըն էր ան, շատ անկարեւոր ազգ մը, ամէն կողմէ թշնամիներով շրջապատուած, սակայն Հայաստանը երկու տարի մնաց Հայաստան եւ Երեւանը` մայրաքաղաք: Հարիւրաւոր տարիներէ ետք առաջին անգամն ըլլալով Հայաստանը եղաւ Հայաստան:

Գիտեմ, թէ որքան անմիտ բան է հպարտ ըլլալ, բայց չեմ կրնար յաղթել այդ զգացումիս եւ հպարտ եմ:

(Շար. 6)

 

Viewing all 12047 articles
Browse latest View live