Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12097 articles
Browse latest View live

Ընտրական Քրոնիկ. Իմ Քուէս Հայոց Իրաւունքներու Ձեռքբերման (Գ.)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  

Գողտրիկ պտոյտ մը մայրաքաղաքի թէ արուարձաններու տարբեր   փողոցներուն թէ մայրուղիներուն վրայ, այս օրերուն, ծիծաղ պատճառող երեւոյթի մը դէմ յանդիման կը հանէ համեստ քաղաքացին:

Ճիշդ է, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ամէնէն թէժ օրերը կ՛ապրինք, եւ արդէն թեկնածուներու նկարներն ու պաստառները ո՛չ միայն ողողած են մեր շուրջ բոլորը, այլեւ` զիրար կը հրմշտկեն, այսպէս ասած, իրենց տեղն ու փայլքը ապահովելու եւ ակնդիր քաղաքացիին գութն ու համակրանքը հայցելու:

Խօսքը կը վերաբերի բոլոր անոնց, որոնք ոգի ի բռին կ՛աշխատին, նետուած են քարոզարշաւի կրկէսին մէջ, եւ, այսպէս ասած, կենաց մահու պայքար կը մղեն: Թերեւս ըսուի, որ մինչեւ հոս ոչինչ տարօրինակ կը թուի ըլլալ, ուստի ի՞նչն է ծիծաղելին ու արտասովորը:

Իրօք, ծիծաղելին այն է, որ խորհրդարանական աթոռի աւելի քան 700 թեկնածուներ (կան բացառութիւններ), իրենց նկարներուն կամ պաստառներուն վրայ արձանագրած են գրեթէ նոյն իմաստը ունեցող բառեր, որոնք կը փառաբանեն նախ` իրենց հայրենասէրի անձը, ապա` Լիբանանը: Եւ ինչպիսի՜ հայրենասիրութիւն, որ ուղղակի բոլորիս զգացումները կը յուզէ, սրտերը կը թնդացնէ եւ կարօտախառն ապրումներու եւ սրտաճմլիկ յոյզերու առիթներ կ՛ընծայէ:

Ուրեմն, ահա, խորհրդարանական ընտրութիւններու այս առիթով, Լիբանան երկիրը իր ծոցէն ծնունդ կու տայ հարիւրաւոր հայրենասէրներու, որոնք պատրաստ են ծառայելու յանուն Լիբանանի, ժողովուրդին եւ գալիք սերունդներուն®

Ահաւասիկ զաւեշտի կամ թատրոնի երանգ մը, որուն ականատես կ՛ըլլայ լիբանանցին, որ տասնամեակներէ ի վեր կքած է «հայրենասէր»-ներու սոսկալի սիրոյն եւ ջերմեռանդ նուիրումի տարափին տակ:

Ի դէպ, ներհայկական առումով գնահատելին այն է, որ համայնքը ներկայացնող թեկնածուները պահած են լրջութեան եւ պատշաճութեան սահմանները` այլապէս հեռու մնալով աղմկայարոյց ու ծիծաղաշարժ երեւոյթներէ:

Իսկ ինչո՞ւ վերոնշեալ յիշատակումները կը կատարենք, ի՞նչ ըսելու համար, ի՞նչ պատգամելու, ո՞ր հեռանկարի եւ յանուն ի՞նչ նպատակի:

Պարզ ու յստակ. ըսելու, որ լիբանանահայութիւնը աւելի քան երբեք պէտք ունի այնպիսի խորհրդարանական ներկայացուցիչներու, որոնց ճիտին պարտքն է տէր կանգնիլ մեր պետական-քաղաքական, ընկերային-իրաւական, պաշտօններու թէ ընդհանրապէս բարգաւաճումի իրաւունքին, ատիկա ըլլայ հայահոծ թաղերու (եթէ երբեք տակաւին կարելի է այդպէս կոչել) թէ հայկական կառոյցներու գծով:

Ըսած ենք, դարձեալ յիշեցնենք, թէ լիբանանահայութիւնը իր ներկայացուցչական հանգամանքով եւ քաղաքացիական պարտաւորութեանց մէջ գերազանցած է ինքզինք` բաղդատած բոլոր համայնքներուն դեռ ունի ձեռք բերելիք իրաւունքներ` բոլոր մարզերու վերաբերող, որպէսզի նախ եւ առաջ կարենայ զգալ ու ապրիլ իբրեւ լիիրաւ քաղաքացի, եւ ապա` կարենայ առաւելագոյնս ծառայել Լիբանանին եւ լծուիլ ներհամայնքային կեանքի առաւել աշխուժացման:

Թող խաբկանքը մեզ չկլանէ, թէ տէր ենք մեր իրաւունքներուն, թող չըսուի, թէ լիբանանահայութեան թուային թէ բարոյական պատկերը վաղուց կորսնցուցած է իր կշիռը. հետեւաբար պէտք է բաւարարուիլ եղածով եւ այլն, եւ այլն:

Միւս կողմէ, հարց կրնայ տրուիլ մեզի, արդեօք տարբեր համայնքներ իրենց կարգին չե՞ն դիմագրաւեր նման հարցեր, դժուարութիւններ եւ անտեսումներ:

Մեր պատասխանը, միանշանակ, այն է, որ եթէ լիբանանահայութիւնը երբեք կ՛ուզէ վերականգնիլ, վերագտնել իր բարոյահոգեբանական, տնտեսական թէ քաղաքական երբեմնի կշիռը, ապա, նախ եւ առաջ պարտաւոր է ձերբազատիլ ներհայկական տխեղծ մտմտուքներէ, ապառողջ մօտեցումներէ, համախմբուիլ եւ միասնական ոգիով պահանջել այն բոլոր արդար իրաւունքները, որոնց բարիքներէն մեծապէս կ՛օգտուին տարբեր համայնքներ: Պէտք չկայ արձանագրելու զանոնք, որովհետեւ արեւու նման յստակ են մատնանշումները:

Արդ, հաւատացողն ենք, որ յոյժ կարիքը կը զգացուի ներհայկական ուժի ձեւաւորման, առաւել` կազմակերպման եւ փոխադարձ հանդուրժողութեան, որպէսզի կարենանք պահել մեր գաղութը: Ունինք պատեհ առիթը, ձգտիլ այդ ուղղութեամբ, յանուն ներկայ ու ապագայ  լիբանանահայութեան:

Մեր թեկնածուները ի վիճակի են կատարելու պահանջուածը: Անոնց թիկունքը լիբանանահայութիւնն է:

17 ապրիլ 2018

 

 


Չենք Շեղիր Մեր Ժողովուրդի Հիմնահարցերէն

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Յառաջիկայ մայիս 6-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները որքան ալ կարեւոր են Լիբանանի հայութեան ինքնութեան պահպանման իմաստով նշանակալից ըլլան, չեն կրնար ամէն պարագայի մեզ շեղել մեր ժողովուրդի հիմնահարցերէն:

Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ ոգեկոչման զուգադիպող Հայաստանի վարչապետին դէմ  կատարուող Երեւանի ցոյցերը չեն կրնար չմտահոգել ոեւէ հայ: Վերջին հաշուով Հայաստանը աշխարհասփիւռ ամբողջ հայութեան հայրենիքն է ու հոն պատահող անցուդարձերը կիզակէտն են անոր:

Փաստօրէն տարիներու ընթացքին ժողովուրդին մօտ հետզհետէ կուտակուող դժգոհութիւնները  կը դրսեւորուին Երեւանի փողոցներուն մէջ ցոյցերով եւ բողոքի արարքներով` երկրին տալով ժողովրդավարութեան սկզբունքին հաւատացող ժողովուրդի մը հարստութիւնը:

Հայաստանի նոր սահմանադրութիւնը նախագահական համակարգէն խորհրդարանական համակարգ անցումով նոր յոյս կը ներշնչէ երկրի ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ օրէնքով իսկ կը սահմանէ ընդդիմութեան գոյութիւնն ու անոր գործնական դերակատարութիւնը:

Սահմանադրութիւնը յոյսն է Հայաստանի` իբրեւ պետութիւն: Պէտք է այդ յոյսը փայփայել ու պահպանել:

Հանրապետութեան նախագահութիւնը իր նոր նախագահով ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ երկխօսութեան հարթակ առաջարկելու ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքը դժբախտաբար ցարդ չկրցաւ գտնել համապատասխան ընկալում:

Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի ընդդիմադիր կողմերն ու իշխանութեան այրերը լաւապէս գիտակցին, որ երկխօսութիւնն է միակ ելքը որեւէ տագնապի: Բարձր ու անզիջող կեցուածքները ոչ մէկ արդիւնքի կը հասցնեն մեր հայրենիքը:

Ընդհակառակն` միաժամանակ թէ՛ բարձրաձայն գոռալն ու թէ՛ խուլ ձեւանալը կ՛առաջնորդեն հայրենիքի ու հայութեան նորանոր կորուստներու:

Անհրաժեշտ է համեստանալ ու տեսնել իրականութիւնները: Կան արդար դժգոհութիւններ, եւ իշխանութիւնները պարտին գիտակցիլ անոնց եւ որոնել լուծման միջոցներ, միաժամանակ կարելի չէ օրէնքով ճշդուած սահմանները հատել եւ օրինազանցութիւնը նկատել ժողովրդավարական աքթ:

Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքն է: Կարելի չէ վտանգել զայն: Ընդունելի չէ արտաքին միջամտութիւններու առիթ տալ եւ մերժելի է երկրի հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան հարուածներու առիթ ստեղծել:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին եւ հայրենիքին կուսակցութիւնն է: Ան ժողովուրդին հետ է եւ կ՛ըմբռնէ անոր դժգոհութիւնները: Ինք եւս կը տառապի  այդ դժգոհութիւններէն:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայրենիքի կուսակցութիւնը ըլլալով միաժամանակ պաշտպանն է անոր անվտանգութեան:

Անհրաժեշտ հրամայական է զօդել դժգոհութիւններու վերացումը եւ հայրենիքի` Հայաստան եւ Արցախ, միասնական անվտանգութիւնը:

Ապա թէ ոչ կը կորսնցնենք բոլորս` թէ՛ հայրենիքը, թէ՛ պետութիւնը, թէ՛ իշխանութիւնները եւ թէ՛ ընդդիմութիւնը:

Վաղը, համայն հայութիւնը կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցը: Դարձեալ յիշելու եւ յիշեցնելու առիթն է վաղը: Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան օրն է, ուր դարձեալ Թուրքիա պիտի քամուի ոճրագործի աթոռին, իսկ համայն հայութիւնը ոճիրը վերյիշելով պիտի գիտակցի, թէ տակաւին իր պայքարը երկար է: Թուրքիան ո՛չ պատրաստ է ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը եւ ո՛չ ալ հայութեան հողային թէ նիւթական իրաւունքները վերադարձնելու:

Քաղաքակիրթ եւ ժողովրդավար կոչուող աշխարհն ալ պիտի բաւարարուի յաւուր պատշաճի սգոյ կամ զօրակցութեան արտայայտութիւններ ունենալով` միաժամանակ շարունակելով Թուրքիոյ դատապարտումը, ահաբեկիչը նկատելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարող դաշնակից, առեւտուրի ընկեր կամ ռազմական դաշնակից:

24 ապրիլը դարձեալ գրաւուած հողերէն հեռու ապրող հայութեան համար պարտի մնալ նշանաձող, որ կարելի չէ շրջանցել նախքան մեր բոլոր իրաւունքներուն ձեռքբերումը:

24 ապրիլը զգաստութեան վերանորոգ հրաւէր է համայնական միասնութեամբ դիմադրելու թշնամի Թուրքիոյ, չխաբուելու անոր սադրանքներէն ու չիյնալու ամէն օր լարուող նոր թակարդներու մէջ:

24 ապրիլը համահայկական օր է:
Հայութեան ինքնապահպանման օրն է:
Պայքարի նոր վճռակամութեան օրն է:
24 ապրիլը պարտքն է իւրաքանչիւր հայու` պահելու նահատակներուն  աւանդը:
Չզբաղինք կողմնակի խնդիրներով:
Պահենք հիմնականը:
Պահենք առաջնահերթը:
Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի անզիջելի ու իրաւական նպատակը:

 

 

 

 

 

Նահատակներին

$
0
0

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ

Մեր սրտերի մէջ բուսել են ծաղիկներ,
Ծաղիկները ձեր սիրոյ,
Նուիրումի ծաղիկները անթառամ
Ու բուրաւէտ,
Կեանքի, սիրոյ ու քաղցրութեան վայելքով:

Բայցեւ պատած
Ձեր սրբազան հուր վրէժի փուշերով,
Զինաւորուած ու զինավառ
Ասպետական մեր ուխտով,
Որ տանում ենք
Ու կը տանենք
Նուիրական մեր պայքարը
Ետ խլելու ձեզ մահից,
Ետ խլելու իրաւունքը ձեր կեանքի,
Մեր կեանքի ու ժառանգութեան
Իրաւունքը անժամանց,
Որով դոփում է մեր սիրտը,
Ընթացք տալիս մեր կեանքին,
Ոգի բաշխում
Հայրենիքին մեր ծաղկող,
Որ տարածուի
Ու ընդգրկի
Ձեր սուրբ արեամբ ոռոգուած
Հայ դաշտերը,
Հայ սարերը,
Հայ ձորերը,
Հայաստանը ամբողջական փառապանծ:

Մեր սրտերի մէջ են բուրում
Ծաղիկները ձեր շնչի,
Ձեր խօսքի ու պատգամի,
Որով ձեր սէրը խոստացաք
Ձեր սիրածին,
Մեր մայրերին,
Մեր հայրերին,
Հայրենիքին, հայրենիքին սիրասուն:

Ու բուրեցին ծաղիկները վարդացած,
Որ բուրում են ձեր իղձերով,
Որ բուրում են մեր կեանքում,
Իմաստ տալիս մեր սիրոյն,
ժողովրդին, հայրենիքին,
Մեր սիրոյն,
Եւ սերունդին,
Որ եղան մեր ծնողները,
Որ մենք եղանք
Ձեզ հարազատ ժառանգորդ,
Ու սերունդին,
Որ ծաղկում են մեր սիրուց,
Ու տօնում են հայրենիքը
Հայրենական զեղումով,
Նուիրումով ամբողջական, սրբագին:

Մեր սրտերի լայն դաշտերը
Ծաղկավառ են
Ձեր երփներանգ գոյներով,
Որ մեր կեանքի հենքն են լցնում
Աւանդական իմաստով,
Բովանդակութեամբ բանի,
Ծիածանով կամարակապ,
Որ գրկում է հորիզոնը
Հայրենիքի բովանդակ:

Մեր սրտերի մէջ են բուսել
Ծաղիկները ձեր սիրոյ,
Զոհողութեան ու կտակի
Ծաղիկները անթառամ:

Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա

 

«Կը Յիշենք Եւ Կը Պահանջենք…»

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

Դարձեալ ապրիլ 24 է, ու աշխարհի ամենայետին անկիւնը գտնուող հայուն սիրտը նորէն կ՛արիւնի… 103-ամեայ վէրքերը տակաւին չեն սպիացած… ու ամէն հայ իր այս պահանջատիրութեան ուխտը կը վերանորոգէ` «Կը յիշենք ու կը պահանջենք»:

Անշուշտ չենք կրնար մոռնալ արհաւիրքը: Հայ մանուկը որբացաւ, հայ կինը այրիացաւ ու հայ աղջիկը անպատուըւեցաւ ու բռնի դաւանափոխ եղաւ կամ դարձաւ թուրքին հարճը. հայ ծերունին` տեղահան իր գիւղէն, տունէն ու պարտէզէն, անօթի ու ծարաւ դարձաւ քմահաճ թուրքին ձիուն սմբակներուն խաղալիք:

1915-ին, երբ աշխարհատարած երկիրներու քարտէսները կը վերագծուէին, ու բանակներու քմայքին համաձայն, երկիրներու տարածքները կը ձեւակերպուէին, թուրքը օսմանեան չակերտուած կայսրութեան մը ինքնախաբէութիւնը կ՛ապրէր, եւ ինքզինք գերազանց տեսնելով հայ շինականէն` որոշեց բռնագրաւել մեր շէներն ու գիւղերը: Սպանդ կազմակերպեց հայ մտաւորական դասին, ու մեր ժողովուրդը ձգեց անտէր-անտիրական, որ խեղճ ու անօգնական տեղահան եղաւ ու քշուեցաւ մինչեւ Սուրիոյ չոր ու ցամաք անապատ, որ մէկուկէս միլիոն ազնիւ հայերու գերեզման դարձաւ:

1915-ին Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն չկար աշխարհի վրայ: Չկար Ապահովութեան խորհուրդ ու Միջազգային դատարան: Կային դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, հիւպատոսներ, որոնք իրենց պետութիւններուն հաղորդեցին կատարուած նախճիրին ահաւորութիւնը:

Բայց կայ վրիժառու բազուկ` ՀՅԴ-ն ունենալով մղիչ ուժ, կային վրէժխնդիր կամաւորներ, ինչպէս էր Թեհլիրեան Սողոմոնը, որ Պերլինի մէջ գետին փռեց Թալէաթ կոչուած ճիւաղը եւ Գերմանիոյ դատարանը ունկնդրելով Թեհլիրեանի պատճառաբանութիւնները` զայն ԱՆՄԵՂ հռչակեց ու ազատ արձակեց:

Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, երբ ծնունդ առաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, ահաւոր ոճիրներուն առջեւ, 1948-ին անհրաժեշտ տեսաւ հաստատել Միջազգային դատարան Հոլանտայի Լահէյ քաղաքին մէջ:

Այսօր եղեռնագործ անպատիժ թուրքը կը համարձակի իր սահմաններէն դուրս զինուորական գոյութիւն հաստատել ու թրքական դրօշակ պարզել:

Դատարաններ եւ պատժամիջոցներ կը միտին կանխարգիլել գործուած ոճիրներու կրկնութիւնը, իսկ անպատիժ մնացած ոճրագործ Թուրքիան դարձեալ չի տատամսիր թաթը երկարել ու Աֆրինի մէջ նոր ոճիրներ գործել…

Իսկ թրքաբարոյ Ազրպէյճանը Սումկայիթի ջարդէն, հայ բռունցքի յաղթանակէն ու Արցախի հայկական պետութիւն յայտարարուելէ ետք կը շարունակէ, հեռուն նստած, հայ սահմանապահ զինուորները որսալ:

Հայ ժողովուրդը ամէնուրեք Հայաստան ու Արցախ անկախ պետութիւնները կը յիշեն ու կը պահանջեն ոճրագործ թուրքին դատապարտումը եւ ոճիրներուն հատուցումը:

 

Օձը Շապիկ Կը Փոխէ, Սակայն Բնաւորութիւն` Երբե՛ք

$
0
0

ՏԻՐՈՒԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ-ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Ահա այսօր ալ ան իր արիւնլուայ դրօշակը առած` կը պտտի ու բացայայտօրէն բոլորին աչքին առաջ կու գայ ու տարիներով բարեկամութիւն, եղբայրութիւն եւ հարազատութիւն քարոզած դրացիին սեմին կը կանգնի եւ ոտքերուն փոշին չթօթափած, կամ, ըստ իրենց հիւրընկալուելու օրէնքին, կօշիկն անգամ ոտքէն չհանած, ներս կը խուժէ եւ վնասակար միջատներէ փրկելու պատրուակով, խեղդող, սպաննող ու աւերող զինամթերքն ալ շալակին, կը վազէ եւ իր ցանկացած տեղը կարմիր դրօշը կը տնկէ:

Ո՜հ, միայն տեսնէք, թէ անոր հոս ու հոն մխրճած կամ ուրիշներուն գործին մէջ խառնած աղտոտ քիթը որքա՜ն երկնցած ու բարձրացած է հիմա:  Այդ անճոռնի քիթը անշուշտ կ’երկարի ա՜լ, կը բարձրանայ ա՛լ: Այսօր ինք ուրիշներուն քիթը կոտրելով` բոլորին աչքին փոշի կը ցանէ ու` «Իրաւունքս է, տանս սահմանը կը պաշտպանեմ… Ի՜նչ, կ’ուզէք, որ այդ ուտիճները գան ու տունս աւերե՞ն: Այսքան ժամանակ համբերեցի՛, բայց իրենք այս կամ այն ծակէն ներս խուժեցին: Կոխկռտեցի՛, խեղդեցի՛, թակարդի մէջ առի՛ եւ արդիւնքի չհասայ», Կ’ըսէ, ու անոր քիթը Փինոքիոյին քիթին պէս կ’երկարի՜ ու կ’երկարի՜, ապա` «Տեսէ՛ք, ես ուզած վայրկեանիս եւ ցանկացած երկվայրկեանիս, առանց շէնքի տնօրէնին հրամանին, նոյնիսկ առանց որեւէ արտօնութեան` դրացիիս դուռը ոտքովս կ’աքացեմ, ներս կը խուժեմ, իմ տունս ըլլալն ալ կը հռչակեմ ու վե՛րջ», կը գոռայ:

Ահա ճիշդ այդ վայրկեանին անոր երկարած քիթը վեր կը բարձրանայ ու երկինք կը հասնի: Արդեօք անոր քիթը կոտրողը ո՞վ պիտի ըլլայ: Մէկը պէտք է, որ այդ քիթը կոտրէ ու գետին նետելով` զայն ոտնակոխ ընէ:

Ահաւասիկ դարե՜ր առաջ յայտնուած նոյն խաբեբան է այս այլանդակը, որ այդ դրօշին կարմիրը  գինիի վերածած` կաթի՛լ առ կաթի՛լ, ո՛ւմպ առ ո՛ւմպ եւ անո՜ւշ անո՜ւշ կը խմցնէ շուրջիններուն, մինչեւ որ հարբին ու զինք եղբայր անուանելով` ոտքերուն տակ փռուին, ու ահա ճիշդ այդ վայրկեանին այդ դրօշի գինին արեան հոտ սփռելով` արեան կարօտ մնացած գիշատիչ չղջիկիները ճամբայ կը հանէ, եւ անոնք իրենց «եղբայրներուն» արիւնը կը սկսին ծծե՜լ ու ծծե՜լ:

Այո՛, կը ծծեն մինչեւ վերջին կաթիլները, յետոյ գիշերուան խաւարին կը սպասեն: Գիշերուան մթութեան հետ, իրենց ծմակ վայրերէն արձակուած, արեան կարօտէն ու տենդէն այրած եւ ամիսներո՜վ արեան շիթ մը երազած միւս չղջիկներուն կը յանձնեն զոհերը, որոնք  գիշերուան գաղտնի ու ամայի արահետներուն վրայէն կը շալկեն խեղճերուն կիսակենդան մարմինները ու անոնց մէջ թարմ մնացած քանի մը կաթիլ արիւնն ալ լլկելով կը ծծեն ու զանոնք կ’աքսորեն հեռո՜ւ, շա՜տ հեռու, եւ անապատի մը մէջ կը նետեն անոնց անտերունչ մարմինները: Այս անգամ զոհերը  ագռաւներուն կը յանձնուին: Իւրաքանչիւր չղջիկ, կարմիրէն յագեցած, կը վերադառնայ միամիտ զոհերուն բնօրրանը ու  արեան բոսորով յագեցած ու յղփացած դրօշները կը զետեղէ ամէնուրեք: Ամէն ինչ կ’առեւանգէ, կը կողոպտէ, կը շորթէ, կը հափափէ եւ կը յափշտակէ:

Այս բոլորը կը պատահին նախ լոյս աչքով, ապա յօշոտող գազանները իրենց ամենահաճելի խնճոյքները կ’իրագործեն գիշերուան «կոյր» աչքերուն առաջ ու գիշերային կատաղի հաճոյքին թանձրախիտ վարագոյրներուն ետեւ պահուըտած:

Այս բոլորը կաթի՛լ առ կաթի՛լ, ո՛ւմպ առ ո՛ւմպ եւ անո՜ւշ-անո՜ւշ, այնքան հեզասահ ձեւով կ’ընթանան, որ դուն ամէն ինչէ անգիտակ, ու անտեղեակ քու տանդ մէջ նստած, ոտքիդ տակ փռած կանաչ գորգիդ վրայ հանգիստ տեղաւորուած գարուն երազած պահուդ ինքը, հիւրի կերպարանքով քողարկուած, կու գայ, կանաչ գորգդ վերցնել կու տայ, փոխարէնը կարմիրը փռել կը պարտադրէ, ու դուն կարմիր գորգերը փռած, ուրախ տրամադրութեամբ հիւրերդ ընդունած պահուդ գորգը ոտքիդ տակէն կը քաշէ, հանգիստ կեանքդ տակն ու վրայ կ’ընէ եւ գարնան կանաչդ ձմրան ցուրտի, բուքի ու մրրիկի կը վերածէ:

Գարնան անձրեւները փաթիլներու կը վերածուին, ու ապրիլի զով գիշեր մը անխիղճ փոթորիկները կը խարազանեն անտուն ու անպաշտպան մարմինիդ բոլո՜ր անդամները. քեզ կը ցնցեն, կը հրեն, կը քշեն, կը տանին ու կը տեղադրեն անդունդ ցոյց տուող ժայռին անկիւնը եւ բաց գլխուդ վրայ ահեղօրէն կը փոթորկե՜ն ու կը փոթորկե՜ն:

Ահաւասիկ այսպիսի ցեղասպաններ են անոնք: Հիմա ալ եկած` բոլորին աչքին փոշի կը ցանեն: Ուրիշներուն աչքին որքա՛ն ալ փոշի ցանեն, մեզի համար միեւնոյնն են, նո՛յն գայլը, աղուէսը եւ օձը կը մնան: Այդ փոշին հարիւրաւոր տարիներ առաջ մէկ անգամ մշուշով պատեց մեր աչքերը, սակայն անգամ մը եւս խաբուողը չե՛նք: Երբե՛ք:

«Գետնին տակ ըլլայ կամ գետնին վրայ, օձն ամէնուրեք օ՛ձ է ու կը մնայ»  ասացուծքը մեր ականջին օղ ըրած` հարիւր երեք տարիներէ ի վեր կը քալենք… Սակայն այդ օձին համարձակութեան վրայ կը զարմանամ: Հարիւրաւոր տարիներ առաջ շատերուն աչքերէն փախուստ տալով` իր հրէշային ծրագիրները կեանքի կոչեց ու որոշ չափով յաջողեցաւ: Որոշ չափով կ’ըսեմ, որովհետեւ մեր գլուխը հարուածեց ու իրաւունքները խլեց, մեր ոտքին տակէն գորգերը քաշեց, մեզ գետին փռեց եւ թոյնը մեր երակներուն մէջ սրսկեց, սակայն մենք այդ թոյնէն հակաթոյն պատրաստեցինք ու անոր լեղիութեան դիմադրելով` ոտքի կանգնեցանք ու աւելի առողջ մարմինով յաղթահարեցինք մահուան:

Հարի՜ւր երեք տարի առաջ, Համաշխարհային Ա. պարերազմը պատրուակ բռնելով` ամբողջ աշխարհին դէմը շապիկ փոխեց ան ու գառնուկի կերպարանք առնելով` չորն ու կանաչը լափեց: Հիմա ալ պատերազմի ու սահման պաշտպանելու պատրուակին կողովը բռնած` կարմիր վարդերու կերպարանքով փշոտ տատասկներ կը բաժնէ բոլորին ու «պատուախնդրութեան» պիղծ խօսքերով աշխարհին իրաւասութիւն կը քարոզէ :

Ինչպէ՞ս այսքան անվախ ու համարձակ կը յառաջանայ, չե՛մ գիտեր: Որմէ՞ ուժ կ’առնէ այս սեւսիրտ դեւը, որո՞ւ արիւնով կ’ուզէ այս անգամ սնանիլ այս գիշատիչ չղջիկը, ի վերջոյ որո՞ւ տեղադրած քարին տակ կը պահուըտի այս թունաւոր օձը…

Այս կամ այն չե՛մ գիտեր, միայն մէկ բան գիտեմ, ըսեմ ու հանգստանամ: Սուլթաններուն ժառանգորդ այս վայրագները իրենց պապերուն արիւնը կը կրեն: Որքա՜ն ալ մաքիի դիմակներ դնեն, դիմակահանդէսներ սարքեն կամ բեմերու եւ ատեաններու վրայ յառաջդիմութիւն քարոզեն, կը մնան նոյն աւերիչ եւ արիւնարբու ճիւաղ պապերուն թոռները, որոնց երկարած ու երկինք բարձրացած քիթերը սղոցող արդիական սղոցներուն կարիքը ունին ու անիրաւութեամբ հոս ու հոն տնկուած կարմիր դրօշները հաւաքուելու եւ առնէտներով լեցուն մութ մառան մը նետուելու պատիժին սեմին են:

 

Ներեցէ՛ք Մեզի, Սրբադա՛ս Նահատակներ (Ապրիլեան Խոհեր)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  

Թրքութիւնը բնաւ մաքրագործուած չէ իր հոգեբարոյական ժահրէն, կանխամտածուած իր հայակերութենէն: Որքան կոյր ատելութիւնը, անյագ ոխակալութիւնը, այնքան ալ վեհանձնութիւնը, ներողամտութեան վսեմ զգացումը` թշնամիին հանդէպ, մեզ կ՛առաջնորդէ անբուժելի աղէտի:

Ե. ԽԱԹԱՆԱՍԵԱՆ
(«Ազդակ», 3 ապրիլ 1968-2018)

Յանցանքի զգացումէ կամ անհոգի վերաբերումէ թելադրուած չէ, անպայման, որ մեր սրբադաս Նահատակներու ներողամտութիւնը կը հայցենք: Աւելի՛ն. իբրեւ ազգ ու նորանկախ պետութիւն, միշտ ալ եղած ենք հաւատարիմ ու արժանահաւատ զաւակները մեր նախնեաց, տէր կանգնած ենք անոնց կտակին, պայքարած` յանուն  բռնագրաւուած հայրենիքի վերատիրացման, վառ պահած ենք պահանջատիրական մեր ոգին ու կը շարունակենք մնալ իբրեւ այդպիսին:

Այդուհանդերձ, ի՞նչն է, որ կը մտահոգէ մեզ` իբրեւ հայութիւն, եւ ինչո՞ւ յաճախ եւ անընդմէջ կը շեշտադրենք, որ պէտք չէ զոհ դառնալ թուրքին թակարդներուն, պէտք չէ հաւատալ մեր դարաւոր թշնամիին խորամանկ եւ վատոգի խօսքերուն, պէտք չէ ընթացք տալ, այսպէս ասած, անոր հաշտութեան բարբաջանքներուն:

Յայտնենք, որ բոլոր ժամանակներէ աւելի, վերջին տարիներուն, ապրիլեան ոգեկոչման հանդիսութիւնները սկսած են տարբեր իմաստ եւ տարողութիւն  ունենալ, որովհետեւ, առաջին հերթին, հայութիւնը իր բոլոր բաղկացուցիչ շերտերով` ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, ունի անկախ պետութիւն, կ՛ապրի անոր հովանիին ներքեւ եւ դիւանագիտական-քաղաքական մտքի հասունութեամբ լծուած է ազգային հարցերու պաշտպանութեան եւ հետապնդման:

Միւս կողմէ, հայութեան թշնամին` թրքութիւնը, իր բոլոր դրսեւորումներով եւ խարդաւանանք ընթացքով տիւ եւ գիշեր կ՛աշխատի` իրեն նեցուկ ունենալով միջազգային ուժեր թէ որոշումի կեդրոններ, հայութիւնը կողմնորոշելու եւ զայն լծելու այն կառքին, որով պիտի կարենան միանգամընդմիշտ թաղել հայոց սրբազան դատը, կոտրել հայութեան պահանջատիրական ոգին եւ միջազգային ձեռնտու մէկ պահու թոյլտուութեամբ` հարուածել հայ նորահաստատ պետականութեան հիմերը:

Փաստօրէն, վերոյիշեալ մտահոգութիւններուն ամէնէն դիպուկը հայ-թրքական արձանագրութիւնները չէի՞ն, որոնք արդէն նետուած են պատմութեան աղբանոցը:

Տեղին է նշել, որ թուրք քաղաքական թէ զինուորական կառոյցները, ցարդ առանց յապաղումի եւ միանշանակ կը շարունակեն իրենց սադրիչ թէ հայաջինջ ծրագիրներու հետապնդումը: Այս առումով ակնայայտ է թուրք-ազերիական սերտ ու զիրար ամբողջացնող հակահայ քարոզչութիւնն ու զինուորական գործակցութիւնը, յատկապէս Արցախի դէմ, որ ի գին մեծ զոհողութիւններու կը պաշտպանէ հայոց արժանապատուութիւնն ու ազգային երազանքը:

Միւս կողմէ, մտահան պէտք չէ ընել նաեւ արեւմուտքի մե՛րթ խաբեբայ, մե՛րթ «եղբայրական», մե՛րթ ստորնացուցիչ յորդորները` թուրքին հետ հաշտութիւն կնքելու, զիրար աւելի լաւ հասկնալու, նիւթական շռայլ օժանդակութեան խոստումներ հրամցնելու եւ մասամբ նորին:

Գաղտնիք չէ այլեւս արեւմուտքի թէ արեւելքի գերհզօր ուժերուն կիրարկած քաղաքականութիւնը, մասնաւորաբար ներկայ ժամանակի աշխարհաքաղաքական խօլ մրցակցութիւններու եւ զիրար յօշոտող պատերազմներու յորձանուտին մէջ, երբ Հայաստանը կ՛ուզեն կռուախնձորի վարածել, յանուն սեփական շահերու եւ հեռակայ քաղաքականութիւններու գործադրութեան:

Աշխարհով մէկ սփռուած Հայ դատի յանձնախումբեր, իրենց թիկունքին ունենալով հայ պետականութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ, կը շարունակեն ազգային պահանջատիրութիւնը, զգաստութեան եւ իրազեկութեան  քարոզարշաւները, արդարադատական նախաձեռնութիւններն ու թուրքին էութիւնը բացայայտող աշխատանքները:

Մեր կարգին, իբրեւ հայութիւն, արտօնելի չէ երբեք ցոյց տալ զիջողական ու միամիտ վերաբերում` զազիր թուրքին լորձնաշուրթն եւ մարդասէրի հրաւէրներու  դիմաց: Հակաթուրք մեր պայքարի բոլոր արտայայտութիւնները կը նպատակադրեն հասնելու մեր երազանքին` բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրումին, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումին եւ սեփական ճակատագրի տնօրինումին:

Արդ, հայ նորահաս սերունդներ պարտաւոր են յիշել, զգալ եւ ապրիլ Տէր Զօրի անապատներէն ցայտող սուրբ Նահատակներու հառաչանքը եւ տէր կանգնիլ անոնց կտակին:

 

 

Անդրադարձ. Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Գերմանացի Եւ Այլ Օտար Կարգ Մը Զինուորականներու Դերակատարութիւնը –Ա.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Վերջերս գրադարանէս Կոստանդնուպոլսոյ ամերիկեան միսիոնարական Ռոպերթ քոլեճի ճարտարագիտութեան բաժանմունքի հիմնադիր եւ կաճառի պետ, ամերիկացի Լին Ա. Սքիփիոյի (1876-1960?) «Իմ երեսուն տարիներս Թուրքիոյ մէջ (1912-1943)» (1) անգլերէն յուշագրութիւնը վերստին թղթատելու ընթացքին հանդիպեցայ գերմանացի զօրավար (Օթթօ) Լիման վոն Սանտըրզ (Օտտօ Լիման ֆոն Զանդերս) անունին, 7-րդ գլուխ` «Պատերազմի դժուարութիւնները եւ վտանգները», էջ 118: Այս անունին հանդիպած ենք նաեւ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին, որուն մասին` յաջորդիւ:

Հեղինակը միայն անցողակի կերպով կ՛անդրադառնայ այդ թուականներու հայութեան վիճակին: Սակայն ինք եւ 1903-1932 քոլեճին նախագահը` Քէյլըպ Ֆ. Կէյց, մնայուն մտերիմ կապի մէջ եղած են Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու 1913-1916 դեսպան, հայութեան կոտորածներուն քաջածանօթ եւ գիրքի հեղինակ Հենրի Մորկընթաուի հետ, որ` «յաջողեցաւ դիւրութիւններ ձեռք բերել համալսարանին եւ ամերիկեան միսիոնարական դպրոցներուն համար, սակայն խեղճ հայերուն պարագային ձախողեցաւ», կ՛ըսէ Սքիփիօ:

Սքիփիօ կը գրէ. «Երկրին մէջ (Թուրքիա) մեծ փոփոխութիւններ պատահած էին (1915)  յունիսէն ի վեր, երբ Միացեալ Նահանգներ մեկնեցանք (արձակուրդի): Այդ ժամանակն էր, որ հայերուն տեղահանութիւնը սկսաւ, եւ վախի ու տխրութեան մթնոլորտ տարածուեցաւ շրջանին մէջ: Շատ մը հայ տղամարդիկ բանակ տարած էին` (տաժանակիր) ծանր աշխատանքներ կատարելու, եւ անոնց չէր արտօնուած զէնք կրել: Անոնք, որոնք դիմադրութիւն ցուցաբերեցին, իբրեւ թշնամի` սպաննուեցան եւ անոնց կալուածները գրաւուեցան: Սակայն կարգ մը արհեստաւորներ պահեցին շրջանին անհրաժեշտ աշխատանքները կատարելու համար: Մեր (հայ) պաշտօնէութեան մեծամասնութիւնը տարին, եւ զանոնք երբեք չտեսանք նորէն:

Բոլորին յայտնի փաստ էր, որ գերմանացիները կը կառավարէին թրքական բանակը, եւ անոնք կը վախնային, որ հայերը կրնան խոչընդոտ հանդիսանալ իրենց ծրագիրի յաջողութեան: (Գերման) Զօրավար Լիման վոն Սանտըրզն էր, որուն ցուցմունքով սկսաւ հայերուն տեղահանութիւնը երկաթուղիներու շրջակայքէն` կանխարգիլելու համար հաւանական խափանարարութիւններ:

(Մորկընթաու իր գիրքին մէջ կ՛ըսէ. «Գերմանիոյ (պատերազմին) գլխաւոր նպատակներէն էր Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքէն մինչեւ Պարսից ծոց երկաթուղի հաստատել» (2)) (ընդգծումները իմս, ՅՉ):

Այդ մարդոց մէջ էին ծերունիներ, կիներ եւ մանուկներ, որոնց տառապանքը մեծ էր, երբ անոնք հետիոտն քալեցին դժուարին, քարոտ ուղիներով, ժայռոտ բլուրներու վրայով դէպի կիզիչ անապատներ: Տարիներ ետք վերապրողները մեզի վկայեցին իրենց տառապանքներուն մասին, թէ` օրերով մնացած էին առանց ուտելիքի եւ ջուրի: Շատ մը հազարաւոր մարդիկ մահացան ուժասպառութենէ, հիւանդութենէ եւ անօթութենէ, որոնք մնացին ճամբաներու եզերքին` յօշոտուելու համար գազաններէ եւ գիշատիչ թռչուններէ: Այս ժողովուրդէն միայն փոքր տոկոս մը ողջ մնաց, վերապրեցաւ… (Թուրքիոյ մէջ) հացի սակաւութեան պատճառը հայերուն տեղահանութիւնն էր, քանի որ անոնք էին գլխաւոր հացահատիկ արտադրողները…»: Այսքան` Սքիփիոյի յուշերէն:

Ո՞վ էր զօրավար Լիմանը (1855-1929), որ փաշա տիտղոսը ստացած էր: «Ան Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ իսկ, դեկտեմբեր 1913-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ գերմանական ռազմական առաքելութեան ղեկավար եւ գերմանօ-օսմանեան բանակին հրամանատար նշանակուած էր: Անոր մեծ հայրը Լիփման մականունով քրիստոնեայ դարձած հրեայ եղած է»:

«Շուրջ ութսուն տարի է արդէն, որ Օսմանեան կայսրութիւնը կը փորձէր արդիականացնել իր բանակը եւրոպական օրինակով: Լիման վոն Սանտըրզը վերջին գերմանացին (առաջինը` զօրավար Քոլմար Ֆրայհըր վոն տեր Կոլցը, որուն պիտի անդրադառնանք, ՅՉ) պիտի ըլլար այս գործը իրականացնող: Ան էր 1915-ի Կալիփոլիի ճակատամարտին հրամանատարը, ուր ֆրանս-անգլիական կողմը պարտութիւն կրեց, սակայն, իր հրամանատարութեամբ, 1918-ի Սինայի եւ Պաղեստինի ճակատամարտերուն ան պարտուեցաւ եւ օսմանեան զօրքը ոչնչացուեցաւ: Պատերազմի աւարտէն ետք, փետրուար 1919-ին ձերբակալուեցաւ իբրեւ պատերազմի ոճրագործ եւ բանտարկուեցաւ Մալթայի մէջ` հայ եւ յոյն բնակչութեան դէմ պատերազմական յանցագործութիւններ կատարելու մեղադրանքով: Սակայն վեց ամիս ետք ազատ արձակուեցաւ «բաւարար ու յստակ փաստեր չգտնուելուն պատճառով» (ինչպէս օսմանեան բանակի այլ յանցագործներ` տարբեր ժամանակներու) ու երկիր վերադարձին հրաժարեցաւ գերման բանակէն» (3):

Օթթօ վոն Լիման Սանտըրզի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պրպտելու ընթացքին կը հանդիպինք համացանցային էջերու եւ կ՛արժէ ոմանց բովանդակութեան անդրադառնալ:

Առաջինը «Յոյներու ցեղասպանութեան տեղեկատուական կեդրոն»-ին իր մասին էջն է, ուր կ՛ըսուի. «Օսմանեան իշխանութեան ղրկած իր հաղորդագրութիւններէն մէկուն մէջ վոն Սանտըրզ գրած է, որ Այվալիկի (Յունաստանի Լեզպոս կղզիին մօտակայ, Եգէական ծովեզերեայ շրջան, որուն մասին վերջին տարիներուն լսեցինք սուրիացի եւ այլ գաղթականներուն անկէ դէպի Եւրոպա` Յունաստան ապօրինի գաղթին առիթով) ամբողջ յոյն բնակչութիւնը անմիջապէս պէտք է տեղահանուի դէպի ներքին շրջաններ. «Թէ ոչ ինք չի կրնար բանակին ապահովութիւնը երաշխաւորել»: Ըստ տեղեկագիրի մը, ան ըսած է. «Անոնք (օսմանեան իշխանութիւնները) չե՞ն կրնար այս անհաւատները ծովը թափել»: Այվալիկէն յոյներուն տեղահանութիւնը կատարուեցաւ վոն Սանտըրզի ուղղակի հրամանով: Այվալիկի յոյներուն տեղահանութիւնը 350 քմ դէպի Ենիշեհիր եւ 400 քմ դէպի Պիլեճիք տեղի ունեցաւ 1917-ին, այս պատճառով շատեր մահացան:

«Տը Իվընինկ Ինտիփենտենթ»-ը 13 մարտ 1919-ին «Առաջին գերմանացին ձերբակալուած` վայրագութիւններու համար» խորագրով եւ նկարով յօդուածին մէջ կ՛ըսէ. «Սանտըրզը գերմանացի առաջին հրամանատարներէն է, որ նաեւ պիտի դատուի  Կոստանդնուպոլսոյ մէջ` պատերազմի կանոնները խախտելուն համար: Սանտըրզը Պերլինի ղեկավարութեամբ գործող թրքական ուժերուն հրամանատարն էր: Ան վաւերացուցած է թրքական ջարդերը յոյներուն եւ հայերուն դէմ» (4), (5):

Երկրորդը եւ երրորդը երկու տարօրինակ յօդուածներ են` հայազգի Միւրիըլ Միրաք Ուէյսպախի կողմէ գրուած, ամերիկահայ «Տը Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» անգլերէն շաբաթաթերթին մէջ: 12 յունուար 2017 թուակիր` «Լիման վոն Սանտըրզ` պատուոյ խնդիր մը», շատ երկար յօդուած` 4100 բառ (6) եւ 16 նոյեմբեր 2017 թուակիր` «Լիման վոն Սանտըրզի արժանապատիւ հռչակին վերականգնումը» (7):

Օսմանեան բանակի հրամանատարութենէն` ձախէն 3-րդ Մեհմետ Իսաթ Պուլքաթ փաշա, 4-րդը ընդհանուր հրամանատար` Օթթօ Լիման Սենտըրզ փաշա, 5-րդը Մեհմետ Վեհիպ փաշա, Իսաթի եղբայրը` անդրկովկասեան երկիրներուն վերջնագիր տուողը.

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով 2015-ին Գերմանիոյ նախագահին ուղերձէն, ուր Ցեղասպանութիւնը, նաեւ` Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնը ընդունելէն ու Գերմանիոյ խորհրդարանին 2 յունիս 2016-ին Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէն եւ Ցեղասպանութեան պատասխանատուութեան Գերմանիոյ բաժինը ընդունելէն ետք`2017-ին գրուած են այս յօդուածները…

Հեղինակը 2016-ի աշնան ամուսնոյն հետ այցելած է Գերմանիոյ Տարմսթատ քաղաքին պատմական գերեզմանոցը, ուր թաղուած է Լիման վոն Սանտըրզը: Ըստ երեւոյթին, Տարմսթատի քաղաքապետութիւնը 22 յունիս 2015-ին վերանայելէ ետք Լիմանի եւ վեց այլ զինուորականներու արժանիքները, մասնագէտներու կողմէ երեք տարուան ուսումնասիրութիւններէն ետք, որոշած են շնորհազրկել զանոնք «Պատուոյ գերեզման»-ի կարգավիճակէն: Պատճառը` «Անոնց վիճակը հիմնաւորուած էր միայն ռազմական յաջողութիւններու վրայ»: Իսկ Լիմանի պարագային կ՛աւելցնեն, որ` «Առ նուազն ան անուղղակիօրէն մասնակից էր հայերու տեղահանութեան եւ բնաջնջումին»: Այս հաստատման համար  փաստաթուղթ-ապացոյցի փոխարէն` հեղինակները կը նշեն «Բարձր պատասխանատուութեան դիրքի իր պաշտօնը` արեւելեան Թուրքիոյ մէջ»:

Սակայն, կ՛ըսէ հեղինակը, հայերը գիտեն, կամ պէտք է գիտնան, որ ան Զմիւռնիոյ (այժմ Իզմիր) շուրջ 6-7 հազար հայերու կեանքը փրկած է իր միջամտութեան շնորհիւ (անոնց տեղահանութիւնը սկսելէն ետք եւ ապահովական նկատառումներով եւ ոչ թէ` մարդասիրական, ՅՉ) հարց տալով, որ պէտք չէ՞ գոնէ այս պատճառով վերստին պատուի արժանանայ…

Իրականութեան մէջ այս յօդուածը եւ անոր ենթահող տրամաբանութիւնը յստակօրէն կը փաստեն Օթթօ վան Լիման Սանտըրզին պատասխանատուութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ: Եթէ ան կրցաւ փրկել Զմիւռնիոյ հայերէն մաս մը` իբրեւ Թուրքիոյ մէջ գերման գերագոյն հրամանատարը, 1913-1919, ինչո՞ւ ան չփրկեց Թուրքիոյ ամբողջ հայ բնակչութիւնը` մէկուկէս միլիոն նահատակ հայերը…

Երկրորդ  յօդուածը կը վերաբերի 4 նոյեմբեր 2017-ին Պերլինի մէջ տեղի ունեցած, հանգստեան կոչուած գերման զօրավար Էքհարտ Լիսեքի «Մարաջախտ Լիման վոն Սանտըրզ` պատուաւո՞ր զինուոր» խորագրով դասախօսութեան` իբրեւ քննարկում վերը նշուած «Պատուոյ գերեզման»-էն շնորհազրկուելու հարցին:

«Լիսեք այս հարցը քննարկող ճիշդ անձն էր», կ՛ըսէ Միրաք քանի որ ան նաեւ 2002-2005 Պոլսոյ մէջ ղեկավարած է ՕԹԱՆ-ի «Արագ միջամտութեան մարմինին», որուն ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան հազարէ աւելի նիւթեր ուսումնասիրած է եւ` թրքերէն ու այլ լեզուներ սորված: Ան չորս գիրքերու հեղինակ է, որոնցմէ` 2017-ին լոյս տեսած «Հայոց ցեղասպանութիւնը Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին. գերմանացի սպաները դերակատա՞ր էին»:

«Գերմանացիներուն երկընտրանքը» ենթաբաժինին մէջ Լիսեք կ՛ըսէ, որ գերմանացի սպաները, որոնք ստանձնած էին օսմանեան բանակը մարզելու գործը, պատուիրուած էին Վիլհելմ Բ. կայսրին կողմէ` «միջամուխ չըլլալ Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան»:

Այս մէկը երկընտրանքի մղեց սպաները` կուրօրէն հնազանդի՞լ կայսրին, թէ՞ իրենց խղճին, երբ հակահայ ջարդերը սկսան: Եւ կը նշէ, օրինակ, զօրավար Ֆրետերիք Պրոնսարթ վոն Շելենտորֆը (օսմանեան բանակի սպայակոյտի պետը, որ փոխարինեց Լիմանը, որ հարցեր կ՛ունենար պատերազմի նախարար Էնվեր փաշային հետ), որ միջամուխ եղաւ` ուղղակի զօրավիգ կանգնելով տեղահանութեան: Ապա կը նշէ Լիմանին միջամտութիւնը Զմիւռնիոյ 7-8 հազար (6-7 հազա՞ր) հայերու եւ այլ վայրերու մէջ` նաեւ յոյներու փրկութեան, եւ թէ` ան մերժած է իր հայ եւ հրեայ թարգմանները գործէ արձակել: Վկայակոչելով Քրիսթոֆ Տինքըլի ուսումնասիրութիւնը` կ՛ըսէ, որ Լիմանը միակ սպան էր, որ փրկեց հայեր եւ յոյներ:

Արդեօ՞ք բոլոր հայերուն տեղահանութիւնը իրենց  երկրէն «ներքին քաղաքական հարց» էր…

Պատերազմի ոճիրները բնա՛ւ կարելի չէ արդարացնել, նոյնպէս` բոլո՛ր «Պիղատոսները», որոնք կարողութիւնը ունէին կասեցնել մարդկութեան դէմ այս ահաւոր ոճիրը, սակայն ոչինչ ըրին:

19 ապրիլ 2018
(Շար. 1)

———————

(1) «My Thirty Years In Turkey», Lynn A. Scipio, Richard R. Smith Publisher, Inc, Ringe, New Hampshire 1955, Library of Congress Catalog Card Number: 55-9048
(2)  ( https://archive.org/stream/ambassadormorge00morggoog#page/n436/mode/2up)
(3)  ( https://en.wikipedia.org/wiki/Otto_Liman_von_Sanders ) https://encyclopedia.1914-1918-online.net/article/liman_von_sanders_otto_viktor_karl
(4)  ( http://www.greek-genocide.net/index.php/overview/perpetrators/124-otto-liman-von-sanders-1855-1929)
(5)  ( http://www.greek-genocide.net/index.php/bibliography/newspapers/178-15-mar-1919-first-hun-held-for-atrocities-the-evening-independent )
(6)  (https://mirrorspectator.com/2017/01/12/liman-von-sanders-a-matter-of-honor/)
(7)  ( https://mirrorspectator.com/2017/11/16/reclaiming-good-name-liman-von-sanders/

 

 

43 Տարի Անց

$
0
0
Զանակ Գալստեան

Ծնած է 1885-ին,  Օրտու գաւառի Քիրեզ Տերէ գիւղը: Այս գիւղը ունէր 110 տուն հայ բնակիչ, ունեցած է նաեւ եկեղեցի մը` 1849-ին եւ դպրոց մը` 1905-ին կառուցուած:

Սամուէլ Անդրանիկեան

Ծնած է 1912-ին, Օրտու: Երեք տարեկանին իր հայրը կորսնցնելով, իր մօր` Զանակ տատիին հետ կ՛աքսորուին թուրքերուն կողմէ, իրենց տունն ու գիւղը  ձգելով:

Թէ  ի՛նչ կը պատահի աքսորի ճամբուն ընթացքին…

Համեստ նպատակս է, որ իւրաքանչիւր հայ կարդայ այս յուզիչ պատմութիւնը եւ յիշէ, որ այդ օրերուն ամէն հայ ընտանիք անցած է այսպիսի տառապանքներէ:

Այս Պատմութեան Հեղինակը
Եփրեմ Լեւոնի Զաքարեան

Մեծ եղեռնի այս յուզիչ պատմութիւնը վաւերագրած է Եփրեմ Լեւոնի Զաքարեանը: Ան ծնած է 1930-ին, Աբխազիա, Քանթիատի: 1950-ին աւարտած է Ծեբելդայի մանկավարժական ուսումնարանը, 1956-ին` Երեւանի պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը: Տնօրէնի պաշտօն ստանձնած է Խաշուպսէի, Միքելրիպշի եւ Մուխնարիի հայկական ութամեայ դպրոցներուն մէջ:

1962-1990 թուականներուն աշխատած է իբրեւ քննիչ` Գագրայի ներքին գործերու վարչութեան մէջ: Եղած է փոխգնդապետ: Մահացած է 2007 թուականին, Քանթիատի մէջ:

ԻՇԽԱՆ ՍԱՄՈՒԷԼ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ

17 յունուար 2015

—————————————

43 Տարի Անց

1963 թուականն  էր, Աբխազիա, Քանթիատի:

Հանգիստի օր մը, տան բակը նստած, գիրք էի կարդում: Մեծ եղեռնի մասին էր նիւթը, որտեղ ասւում էր, թէ ինչպէս 1915-ին թուրքերը գրեթէ 2 միլիոն հայեր գազանաբար կոտորեցին: 300 հազարի հասնող աքսորեալներուն կարաւանէն հազիւ 400 ջահել կանանց ու աղջիկների բախտը վիճակուեց հասնել Տէր Զօրի անապատները: Մնացածների դիակները փռուեցին հայրենի հողին վրայ: Իսկ շատերին թուրքերը ողջ-ողջ վառեցին կամ գետերը նետեցին, խեղդեցին:

Մինչ այդ Եղեռնի մասին գիրք չէի կարդացել: Երեւի դա էր պատճառը, որ գիրքն ինձ վրայ շատ  ազդեց: Կարդում էի ու` մտածում. մի՞թէ մարդը կարող է այդպէս վարուել թէկուզ թշնամու հետ, ինչպէս թուրքերը վարուեցին հայերի հետ:

Այնքան էի տարուած գրքով, որ չէի նկատել, թէ ինչպէս էր Զանակ տատին եկել ու կանգնել իմ կողքին: Երբ ականջիս մի ձայն հասաւ, գլուխս բարձրացրի, որ պարզեմ, թէ ի՛նչ է:

Զանակ տատի

– Բարեւ եմ ասում,- ասաց Զանակ տատին` ըստ իր սովորութեան ժպտալով: Բայց նրա ժպիտը խօսելիս կիսածիծաղի էր վերածւում:

– Բարե՛ւ, բարե՛ւ, Զանա՛կ տատի,- ասացի,- կը ներէք ինձ: Ես էլ ասի` ի՞նչ ձայն էր, որ լսեցի:

– Էդ ի՞նչ ես կարդում,- հարցրեց նա նոյնպիսի կիսածիծաղ ժպիտով,- տեսնում եմ` շատ ես տարուած:

– Է՜, Զանա՛կ տատի, սա Մեծ եղեռնի մասին է: Երեւի լսած կը լինես, որ 300 հազարի հասնող աքսորեալներից հազիւ 400 կանանց բախտ վիճակուեց կենդանի մնալ ու հասնել Տէր Զօրի անապատները: Հիմա ուզում եմ իմանալ, թէ ի՛նչ եղաւ նրանց:

– Նրանցից մէկին էլ Աստուած քեզ մօտ է ուղարկել,- ասաց Զանակ տատին:

– Չհասկցայ, Զանա՛կ տատի, Աստուած ո՞ւմ է ինձ մօտ ուղարկել,- հարցրի ես:

– Նրանցից մէկն էլ ես եմ,- կրկնեց նա:

– Կատա՞կ էք անում, Զանա՛կ տատի, գիտէ՞ք ի՛նչ է Տէր Զօրը, լսել է՞ք Տէր Զօրի անունը:

– Ա՜խ,- ասաց,- անտէր մնան Տէր Զօրն էլ, Մուսուլն էլ, երկուսն էլ: Ոչ թէ լսել եմ, այլ տեսել եմ: Ոչ թէ տեսել եմ, այլ եղել եմ այնտեղ:

Այդ պահին ինձ զարմանքը պատեց:

– Զանա՛կ տատի, չեմ հասկանում, իրօ՞ք եղել էք Տէր Զօրում: Ինչո՞ւ մինչեւ հիմա լռում էիք, ոչինչ չէիք ասում այդ մասին:

– Եկայ, որ ասեմ,- ասաց Զանակ տատին`  խորասուզուած մտքերի մէջ, ասես` ամպերը կիտուեցին տարիներից մաշուած նրա կնճռոտ դէմքին: Դէմքը փոխուեց, աչքերում արցունքի կաթիլներ երեւացին:

Շատերից էի լսել, թէ ինչպէ՛ս էին նրանք փրկուել Մեծ եղեռնից, բայց Զանակ տատիկի մասին ոչինչ չէի լսել: Նա հազար անգամ էր ինձ պատմել այդ մասին: Բայց լռում էր: Աստուած գիտէ` ինչո՛ւ էր լռում:

Այստեղ կրկին մտքերի մէջ ընկայ, թէ սա ի՛նչ զուգադիպութիւն էր: Էս ինչպէս պատահեց, որ միշտ լռող Զանակ տատին ջարդի մասին եկաւ ինձ պատմելու այն ժամանակ, երբ կարդում էի այդ մասին: Ան էլ` այն պահին, երբ կարդում էի Տէր Զօր հասնող տարաբախտ աքսորեալների մասին:

Զանակ տատին նկատեց, որ ես շատ զարմացայ, հարցրեց.

– Ինչո՞ւ մտքերի մէջ ընկներ ես:

Փոխանակ պատասխանելու, ասի` մի րոպէ, ու վազեցի աթոռ բերեցի, որ Զանակ տատին նստի: Նա դեռ չնստած` հարցրի.

– Զանա՛կ տատի, եթէ իրօք Տէր Զօրում եղել էք, չէի՞ք պատմի այն մասին, թէ ի՛նչ է եղել:

– Հիմա կը պատմեմ,- ասաց լացակումած,- եկել եմ, որ պատմեմ:

Ու լացակումած էլ սկսեց զրոյցը.

– Ի՞նչ պատմեմ, ի՞նչ ասեմ 42 տարի առաջ, ջարդի ժամանակ կորցրած բալիկս` Սամուէլս, գտնուեց Պէյրութում… Ա՜խ, Սամուէլ, մատաղ լինեմ քո հոգուն: Աստուծոյ զօրութեանը մատաղ, որ այդքան բարի եղաւ, այդքան ժամանակ պահեց որդուս: Հիմա ուզում եմ մի դուռ բաց անի, որ տեսնեմ նրան:

Ինձ դիմելով` ասաց.

– Ուզում եմ, որ ինձ օգնես, կարողանամ Սամուէլիս տեսնել, եթէ դա հնարաւոր է:

Այստեղ Զանակ տատին խիստ յուզուեց, սկսեց աչքերի արցունքները սրբել: Որպէսզի խօսք բացեմ, ասացի.

– Զանա՛կ տատի, ուրեմն դուք աքսորուա՞ծ էք եղել: Չէի՞ք պատմի` ինչպէ՞ս աքսորեցին, ինչպէ՞ս կորցրիք Սամուէլին:

– Ա՜խ, դա երկար ու ծանր պատմութիւն է,- սկսեց նա,- հայերի ջարդի մասին, ասում ես, լսել ես ու կարդացել: Էլ ինչ պատմեմ: Ինձ երկու անգամ են աքսորել: Երբ սկսուեց Մեծ եղեռնը, ապրում էինք Օրտուի գաւառակի Քիրեզ Տերէ գիւղում: Ամուսնուս` Ճենլետեան Խաչիկին բանակ զօրակոչեցին թուրքերը: Տանը մնացի երեք տարեկան երեխայիս` Սամուէլիս հետ: Կարծեմ յունիս ամսին էր, յայտարարեցին, թէ մեզ, լման գիւղի բնակիչներին, տանում են Մուսուլ: Պատրաստուելու համար երեք օր ժամանակ տուեցին ու ասացին, որ ով ինչ ցանկանայ, կարող է վերցնել իր հետ: Միայն ինչ որ կարող է տանել ձեռքով: Ամէն մէկն իր տարտ ու ցաւն ունէր: Իսկ ես մտածում էի, թէ ինչպէս հետս տանէի երեք տարեկան երեխային` Սամուէլիս: Այդքան երկար ճանապարհ երեխան քայլել չէր կարող, շալակիս էլ տանել չէի կարող: Իսկ թէ ինչ էր սպասում մեզ այդ ճանապարհին, չգիտէի: Հասկացող մարդիկ ինձ խորհուրդ տուեցին, որ նրան մի ապահով տեղ թողնել: Ասում էին, որ երեխան չի դիմանայ:

Որոշեցի, որ երեխան թողնեմ մի ծանօթ թուրքի մօտ: Նշանակուած օրը մեզ հաւաքեցին գիւղի  կեդրոնում ու անասունի նման քշեցին տարան:

Ամէն ինչ կատարւում էր, հնարաւոր չէ պատմել, ու չես էլ պատմի: Շունը տիրոջը չէր ճանաչում: Աքսորի հէնց սկզբից անտանելի դարձաւ շատ երեխայ ունեցողների, հիւանդների, յղի կանանց ու ծերերի վիճակը: Սրանց բոլորին մեզանից անջատեցին` ասելով, որ նրանց առանձին կը տանեն: Յետոյ իմացանք, թէ ինչ է կատարուել նրանց հետ: Նրանից ոչ մէկը կենդանի չմնաց: Ճանապարհին ծեծը, գազանութիւնը, շնութիւնը, սպանութիւնը մեր մշտական ուղեկիցները դարձան:

Ա՜խ, խեղճ աքսորեալներ: Ոչ ոք չէր ուզում հեռանալ հարազատ տունտեղից: Շատերին զօռով էին տնից դուրս բերում: Ոմանք նոյնիսկ տնից դուրս չեկան ու զոհուեցին: Իմ միտքս, միակ երեխայիս էր մտածում. թէ ի՛նչ կը լինի նրան: Սկզբում սրտումս ցաւ կար, որ տուն-տեղ թողեցի ուրիշին, բայց գնալով տունն էլ մոռացայ, տեղն էլ: Միակ հարցը, որ կար, ողջ մնալն էր:

Սկզբում, եթէ ետ մնացողին անասունի նման գանակահարում էին, ստիպում, որ հասնեն միւսներին, ապա յետոյ այդպէս չէր, ուղղակի սպաննում էին:

Գնում էինք օրերով, առաւօտից մինչեւ իրիկուն, արեւին ու կրակ-շոգին տակ: Քնում էինք բացօթեայ: Շատերն արեւահար եղան, հիւանդացան: Ճանապարհի պաշարներս վերջացան, իսկ ճանապարհը` ոչ: Մնացինք սոված, ծարաւ: Ճանապարհին մեզ միացնում էին այլեւայլ գիւղերից աքսորուածներին: Կին, երեխայ, տղամարդ քշում էին միասին: Զուգարանի կարիքի դէպքում պէտք էր թոյլատուութիւն խնդրել: Խմբից հեռանալ չէին թողնում: Իսկ շատ յաճախ մարդկանցից թաքնուելու տեղ չէր լինում: Այդ դէպքում կանայք շրջապատում, օգնում էին միմիանց, իսկ տղամարդիկ երեսներն էին թեքում: Իսկ եթէ թաքնուելու տեղ էր լինում, թուրքը գալիս էր հետդ, որ չփախչես:

Ո՛չ ամօթ ունէին, ո՛չ ալ խիղճ: Պառաւ կանայք այդ թուրքերին «շուն» էին անուանում ու ասում, որ եթէ շունը ամօթ ունենար, շալուար կը հագնէր ու ամօթը կը ծածկէր: Անխիղճ Աստուած ստեղծեց հայերին ու թուրքերի առաջ ծաղրուծանակի առարկայ դարձրեց:

Մարդիկ սովից հիւծուեցին, բայց ծարաւն աւելի էր տանջում, քան սովը: Ուժասպառ լինողներն ընկնում էին ճանապարհին ու գնում այս աշխարհից: Տեսնողը կ՛ասէր` դժոխքի քարաւանն է գնում: Գնալով թալանը, բռնաբարութիւնը, արուամոլութիւնը, ծեծը եւ սպանութիւնները յաճախակի դարձան:

Մէկ էլ տեսար, չգիտես որտեղից, յայտնուեցին պաշիպոզուկներն ու սկսեցին իրենց սեւ գործը: Մէկը գնում էր, միւսն էր գալիս: Հօտը մեծ էր, յօշոտում էին` որքան կարող էին:

Անտանելի դարձաւ ջահել, գեղեցիկ աղջիկների ու տղաների վիճակը: Սրանց բռնում տանում էին, ինչեր ասես չէին անում, կա՛մ սպաննում, կա՛մ վիրաւոր, տկլոր բաց էին թողնում: Իսկ շատ անգամ թուրքերը յարձակւում էին միայն կեաւուր սպաննելու համար, որ դրախտ գնան: Յղի կանանց վիճակն աւելի վատ էր: Նրանց օգնող չկար: Վիժելը մահ էր: Թուրքերն այդ կանանց աւելի թշնամաբար էին վերաբերւում` ասելով, որ էդ էր պակաս, որ մեր թշնամու ցեղն աւելացնենք:

Գնալով աքսորեալներն այնքան հիւծուեցին, թուլացան, ուրուականներ դարձան: Մարդիկ էլ ուժ չունէին դիմադրելու թուրքերին, ուստի չէին էլ փորձում դիմադրել: Միայն ջահել աղջիկներն ու տղաները գիտենալով, որ դիմադրելը մահ է, դիմադրում էին ու զոհւում: Այդպէս շատ քիչերս հասանք Մուսուլ: Այնտեղ մեզ ազատ արձակեցին, ասեցին, որ գնանք ու ծառայենք մուսուլմաններին եւ ապրենք: Բայց ի՞նչ ապրել. պէտք էր գոյութիւն պահպանել, որը հեշտ չէր: Շատերին դա չյաջողուեց: Ով պատահեր, վերցնում էր ու տանում մեզ, աշխատացնում մի փոքր հացի տեղ: Ինչ գործ ասես չէինք անում: Մի տարի յետոյ մի թուրք տարաւ ինձ Տէր Զօրի կողմերը, ետքը Ատանա: Երեք տարի յետոյ մեզ ազատութիւն տուեց: Վերադարձայ տուն, բայց մեր տներում թուրքերն էին նստած: Գնացի այդ թուրքի մօտից վերցրի Սամուէլին: Ամուսինս բանակից փախել, թաքնուել էր անտառում: Եկաւ ու ինձ գտաւ: Երեք տարի ազատ ապրեցինք Օրտուում, մի աքսորուած հայի տան մէջ, որտեղ ոչ ոք չէր ապրում: Տանտիրոջն ընտանիքով աքսորել էին: Երեւի նրանցից ոչ ոք կենդանի չէր մնացել: Նման ազատ տներ շատ կային: Այդ ազատ ապրած տարիներին մի երեխայ էլ ունեցանք: Կարծեմ` 1921 թուականն էր, մի գիշեր եկան, ամուսնուս բռնեցին ու տարան: Այլեւս նրան չտեսայ: Մեզ կրկին աքսորեցին: Այս անգամ Սամուէլս 8 տարեկան էր, արդէն կարգին կարող էր քայլել: Իսկ կրծքի երեխային հնարաւոր չեղաւ ոեւէ մէկին մօտ թողնել:

Վերցրի կրծքի երեխային, բռնեցի Սամուէլի ձեռքից ու ճանապարհի պաշարս շալկած` ճանապարհ ընկայ: Գիտէի, թէ ի՛նչ է սպասում մեզ, բայց ի՞նչ կարող էի անել: Հազիւ 3 օրուայ պաշար ունէի: Կրկին ամէնուրեք հայերի լաց ու կոծ կար: Կրկին, երբ քաղաքից հեռացանք, քայլել դժուարացողներին մեզանից անջատեցին ու ասացին, որ նրանց սայլով կը տանեն: Բայց ես գիտէի, թէ ի՛նչ է սպասում նրանց:

Գնում էի ծծկեր երեխան կրծքիս, Սամուէլի ձեռքը բռնած: Վախենում էի Սամուէլին կորցնել: Կորցնելը հեշտ էր շատ, գտնելը` դժուար: Կորածը կորած էր:

Էլի նոյն գազանութիւններն էին, նոյն թալանը, բռնաբարութիւններն ու սպանութիւնները, բայց` ոչ այնքան մեծ չափով, որքան` առաջին անգամ: Որովհետեւ հօտն այս անգամ այնքան մեծ չէր, որքան առաջին անգամ: Կրկին մարդիկ սովից ու ծարաւից հիւծուեցին: Կրկին նրանց կաշին ու ոսկորը մնաց: Շատերն ուժասպառ ընկան ճանապարհին ու գնացին այս աշխարհից: Ես ի վիճակի չէի կերակրել կրծքի երեխայիս, Սամուէլս արեւահար էր եղել, հազիւ էր քայլում: Կրծքի երեխաս օրերով սովատանջ լաց էր լինում ու ինձ փաթաթւում, բայց ես նրա համար ուտելու ոչինչ չունէի: Խեղճ երեխան ի՞նչ գիտէր, թէ նրան էլ աքսորում են, ու աքսորի զոհն է դառնալու: Երեխան կրծքիս լաց եղաւ, լաց եղաւ ու ձայնը յաւիտեան կտրեց, մահացաւ: Սիրտս պոկուեց տեղից: Լաց էի լինում ու գնում` գրկած մահացած, փայտացած երեխային, թաքցնելով նրա մահը մարդկանցից: Միեւնոյն ժամանակ աշխատում էի լացս թաքցնել Սամուէլից: Խեղճ երեխան աչքերիս արցունքները տեսնելիս ինքն էլ լաց էր լինում:

Որոշ ժամանակ անց թուրք զինուորները իմացան, որ երեխան մահացել է, վերցրին երեխային ձեռքիցս ու կողքից հոսող գետը գցեցին: Երեխէս գերեզման էլ չունեցաւ: Խեղճ Սամուէլս երբ որ տեսաւ երեխային գետը գցելը, ճչաց ու ինձ փաթաթուեց: Վախից դողում էր օրերով:

Մարդիկ ծարաւից մեռնում էին` նայելով կողքից հոսող գետի ջրերին: Ո՞վ կարող էր համարձակուել գետը ջրի գնալ: Սպաննում էին տեղնուտեղը:

Երեխայի մահանալուց յետոյ գնալը ֆիզիքապէս թեթեւացաւ, բայց հոգեպէս տկարացայ: Սամուէլս եթէ չլինէր, էլ ապրել չէի ուզում: Խեղճն ամբողջ ճանապարհին հաց ու ջուր էր ուզում` նայելով կողքից հոսող գետի ջրերին ու շալակիս հացի տոպրակին, որի մէջ հոգապահուստ հացի կտորներ էի պահում:

Մարդիկ օգնում էին իրար: Մեզ էլ դժուար պահերին հացի կտորներ ու ջուր էին տալիս:

Այդ վիճակում մեզ քշող թուրք զինուորից մէկը կպաւ ինձ, թէ` երեխան թող, ամուսնանանք: Ինչքան էլ որ չէի համաձայնում, ինձ հանգիստ չէր տալիս ոչ գիշերը, ոչ էլ ցերեկը: Մէկ էլ տեսար` կէս գիշերին կանչում էր` արի ամանները լուայ: Կարո՞ղ ես չգնալ: Փորձիր, եթէ ապրել չես ուզում: Խեղճ երեխային արթնցնում էի ու տանում հետս: Թուրքն սպառնում էր Սամուէլի կեանքին: Ասում էր, որ եթէ չհամաձայնեմ, կը սպաննի Սամուէլին: Իսկ միւս կողմից` առաջարկում էր օգնել ինձ: Իրօք, մի քանի անգամ հաց ու ջուր տուեց, բայց դրանք խաղեր էին Սամուէլի գլխին: Ի՞նչ կարող էի անել: Խեղճ երեխան չէր էլ կասկածում, թէ ի՛նչ էր սպասում նրան:

Մի տեղ ճանապարհը թեքուեց գետից, հեռացաւ դէպի անջրդի, անբնակ վայրերը: Ջրի հարցն աւելի բարդացաւ: Մահուան գնով գետից ջուր գողանալու յոյսն էլ չքացաւ: Մարդիկ ասում էին, որ գետի ափերը լիքն են դիակներով:

(Շար. 1)


Ծանր Աշխատանքը Հիմա Կը Սկսի

$
0
0

ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ

Վարչապետ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը հարկաւոր էր որպէս պայման, բայց ոչ բաւարար երկիրը առաջնորդելու հանդարտ և բարգաւաճ հունի։

Հարկաւոր՝

Որովհետեւ իշխող համակարգը անկարող էր (եւ դեռ է) իրականացնելու այն արմատական եւ լրացուցիչ (consequential) բարեփոխումները, որոնց կարիքը արդէն վաղուց դարձած է հրատապ։[1] Այս անկարողութիւնը կը բխի այն իրողութենէն որ իշխող համակարգին եւ մենաշնորհային համակարգին փոխադարձ կախուածութիւնը այնքան խարսխուած ու հաստատուած է, որ ինքնա-բարեփոխումներ կիրառելը անհնարին է։

Ոչ-Բաւարար՝

Որովհետեւ Հայաստանի ներկայ անկայունութիւնը շատ աւելի խոր արմատներ ունի քան Սերժ Սարգսեանի պատասխանատուութիւնը այս հարցին մէջ։ Ան արդիւնքն է հերթական օրինախախտումներու ընտրութիւններու ոլորտին մէջ եւ բոլոր մակարդակներու վրայ, որոնց պատճառաւ, սահմանադրականօրէն անթերի եւ օրինաւոր ձեւով ընտրուած վարչապետը, ժողովուրդին առջեւ չունէր լեգիտիմութիւն։ Ներկայ համակարգի օրինականութիւնը չէ՛ր որ հարցականի տակ էր Երեւանի փողոցներուն մէջ, այլ իր բարոյավարկը (credibility)։

Թէ՛ իշխող համակարգը եւ թէ՛ քուէարկող հասարակութիւնը մեղք եւ պատասխանատուութիւն ունին այս կապակցութեամբ։ Իշխող համակարգը-եւ մասնաւորապէս Հանրապետական Կուսակցութի՛ւնը-շարունակաբար չարաշահած էր իր վերահսկողութեան տակ գտնուած լծակները եւ միջամտած է ընտրական գործընթացին՝ ընդհանրապէս զայն ուղղելով ի նպաստ իր շահերուն։ Նոյն ժամանակ՝ քուէարկող հասարակութիւնը ընդհանրապէս չէր կրցած խուսափիլ իր ձայնը ծախելու փորձութենէն եւ սպառնալիքներու առջեւ տեղի տալու թուլութենէն։ Այս բոլորին արդիւնքը պարզ էր։ Ոչ-ներկայացուցչական, գործարար, անձնական շահերէ մղուած խորհրդարան մը՝ որ պատասխանատու կը զգայ ոչ ոքի, ներառեալ իր իսկ ընտրատարածքներու հասարակութեան։ Ժողովուրդը, Սերժը դրժելով, այդ խորհրդարանն է որ կը դրժէ։

Այս բոլորէն միայն մէկ յստակ եզրակացութիւն կարելի է քաղել։ Հայաստանի թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ քաղաքացիական համակարգը (բառերուն ամէնէն լայնապարփակ առումով, ներառեալ՝ քաղաքացիներու մտածելակերպը եւ մօտեցումը կառավարման չափանիշներու հանդէպ) պէտք է ենթարկուի հիմնական եւ համապարփակ վերակառուցման։ Խորհրդարանական նոր ընտրութիւններու կոչը երկրորդ հարկաւոր անկիւնադարձ մըն է։ Սակայն պէտք է նաեւ գիտակցիլ որ թէ՛ ներկայ իրավիճակը և թէ՛ առաջադրուած լուծումը կը դիմագրաւեն ներքին եւ արտաքին լուրջ վտանգներ։ Յիշենք այդ վտանգներէն մի քանին։

Ներքին վտանգները կապուած են մտածելակերպի եւ մօտեցումի ոչ-ամբողջական յեղաշրջման մը հետ։ Օրինակ, քաջալերիչ երեւոյթ էր երիտասարդութեանև մանաւանդ ուսանողներու մասսայական մասնակցութիւնը այս ցոյցերուն։ Սակայն կ՚արժէ այսօրուընէ իսկ հետևեալ հարցը դնել սեղանի վրայ, արդեօ՞ք այդ նոյն ուսանողները, որոնք լեցուցած էին Երեւանի փողոցները, ճգնաժամը անցնելէ ետք, պիտի վերադառնան հին գործելակերպին։ Պիտի փորձե՞ն կաշառքով ընդունուիլ համալսարան. պիտի փորձե՞ն կաշառքով քննութիւններ անցընել ու աւարտել դպրոցը։ Եթէ այո՝ հիմնական շատ բան փոխուած չ՚ըլլար նոյնիսկ վարչապետին հեռանալով։ Պարզապէս կը վերադառնանք նոյն փտած համակարգին, տարբեր առաջնորդներու ղեկավարութեամբ։

Աւելի մեծ ներքին վտանգը, նոյն ընդհանուր մտավախութենէն ծնած, նոր ընտրութիւններու անցեալին նման խարդախուած ըլլալու հարցն է։ Ընտրութիւնները պիտի կրնա՞ն ազատ ըլլալ։ Հայաստանի մէջ, առանց բացառութեան, ցարդ ոչ մէկ ընտրութիւն եղած է ազատ եւ վարչապետին հրաժարականը ինքնին երաշխիք մը չի կրնար ըլլալ որ յաջորդ ընտրութիւնները յանկարծ ըլլան ճշմարիտ եւ արդար։ Ո՞րքանով փոխուած է քուէարկող հասարակութեան մտայնութիւնը։ Քուէարկող քաղաքացին պիտի կարենա՞յ՝

–Իր ձայնը չվաճառել, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշանակէ պաշտօնանկ ըլլալ։

–Իր ձայնը չվաճառել, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշանակէ կորսնցնել իրեն շատ պէտք եղած 20,000 դրամի ընտրակաշառքը։

–Իր ձայնը չվաճառել, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշանակէ որ իր ընտանիքը կրնայ սոված մնալ։

–Իր ձայնը չվաճառել, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշանակէ թէ ինք կրնայ հեռացուիլ իր ընկերային շրջանակէն։

–Այլ խօսքով, միջին քուէարկող քաղաքացին պիտի կարողանա՞յ միայն ու միա՛յն իր խղճով քուէարկել։

Եթէ այս հարցումներուն պատասխանները դրական են, ապա Հայաստանը անցած կ՚ըլլայ քաղաքական եւ տնտեսական հասունութեան բոլորովին նոր փուլի մը։ Այլապէս, անկրկնելի առիթ մը կորսնցուցած կ՚ըլլանք եւ կը վերադառնանք հին համակարգին։

Երկու խօսք ալ կ՚արժէ ըսել արտաքին վտանգներու մասին։

Թշնամին արդէն իսկ վիրաւոր եղնիկի հոտը առած շնագայլի պէս իր զօրքերը կը հաւաքէ մեր սահմանին։ Վտանգը անկասկած որ իրակա՛ն է։ Բայց այդ իրական եւ մահացու վտանգը կրնայ նաեւ չարաշահուիլ Սերժին յաջորդող իշխող համակարգին կողմէն։ Եթէ յանկարծ նոր Ապրիլեան ճակատամարտ մը բացուի, մենք հաւանաբար կը տուժենք երկու ճակատներու վրայ միաժամանակ։ Առաջին՝ նոր պատերազմի հետ կապուած մարդկային եւ նիւթական կորուստներն են։ Իսկ երկրորդ, եւ հաւանաբար աւելի լուրջ՝ ներքին բարեփոխումներու առաջնահերթութեան նսեմացման ռիսքն է։

Երկրորդ արտաքին վտանգը կը ներկայանայ Ռուսաստանէն։ Կասկած չկայ թէ գերտէրութիւններու եւ յատկապէս Ռուսաստանի յաւակնութիւնները մեծ դեր ունին Հայաստանի անցուդարձերուն մէջ։ Ի՞նչ է Ռուսիոյ դիրքը Հայաստանի այս իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Ի՞նչ են Արեւմուտքի տրամադրութիւնները։ Հայաստանի քաղաքական ապագան կը մնայ հզօր արտաքին ուժերու ազդեցութեան տակ, պահանջելով բարձրագոյն մակարդակի դիւանագիտական հմտութիւն գալիք շրջանի առաջնորդներէն։

Ապրիլ 23, 2018

 

[1]Խօսքը կը վերաբերի այն հիմնական բարեփոխումներուն, որոնք արդէն լայնօրէն վերլուծուած և ճանչցուած են հոս կրկին վերլուծելու կարիքը չկայ։ Վերացնել մենաշնորհային համակարգը.։ Ստեղծել նոր աշխատատեղեր ու կասեցնել արտագաղթը։ Հակակշռի տակ բերել կոռուպցիան։ Զօրացնել բանակը եւ պաշտպանութեան միջոցները։ Վերացնել անհատական տնտեսական նախաձեռնութիւններու առջևեւ գտնուող խոչընդոտները։

Խմբագրական. Միջազգային Հեղինակութեան Նոր Նշաձողերու Իրացում

$
0
0

Հայաստանի վարչապետի ընտրութեան ընթացակարգի մեկնարկի ճշդումը կը պարտաւորեցնէ ճգնաժամի հանգուցալուծման համար քաղաքական երկխօսութեան հարթակի արագ կայացումը եւ համապատասխան եզրայանգումներու արձանագրումը։

Սինչեւ այս պահը կայ համակողմանի մօտեցում` գործընթացները պահելու քաղաքակիրթ, խաղաղ սահմաններու մէջ, առաւել եւս` հանգուցալուծումները բերելու օրինական դաշտ։Թաւշեայ յեղափոխութեան դիմաց կար նաեւ թաւշեայ պետական արձագանգում`ուժի կիրարկումը բացառելու եւ ընթացակարգը սահմանադրական եւ մանաւանդ անցնցում պահելու։

Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ վերջին օրերուն, օրինակելի է ո՛չ միայն ներազգային, այլ նաեւ միջազգային մակարդակով։ Գործընթացները իրողապէս բարձրացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային վարկը։ Դժուար պիտի ըլլար յիշելը ժողովրդավարական կարգերով կառավարուող այլ երկիրներ, ուր անընդհատ ժողովուրդը շաբաթներ բողոքի գործողութիւններով ինքզինք կը դրսեւորէ` գիտակցելով, որ այդ գործողութիւններուն պէտք է տայ բացառապէս խաղաղ բնոյթ, Որուն դիմաց իրաւապահ մարմինները, հակառակ բերման ենթարկելու պարագայական կոշտ վերաբերումներու, ընդհանրապէս կը խուսափին պատահարներուն անհամաչափ ուժ ցուցաբերելու փորձութենէն։

Այստեղ առանձնապէս պէտք է ընդգծել նաեւ վարչապետին հրաժարական տալու աքթին եւ թեքսթին պետականութեան բարձր մակարդակը, ուր առաջնային կերպով գերադասուած էին` երկրի անդորրութիւնը, անվտանգութիւնը, համերաշխութիւնը։

Իրենց ամբողջութեան մէջ գործընթացները համակողմանիօրէն Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերածեցին ժողովրդավարութեան մոտել պետութեան եւ հասարակութեան օրինակի։

Յաճախ, տարբեր առիթներով կատարուած վերլուծումներու մէջ, թէ՛ իրաւական եւ թէ՛ քաղաքական առումներով կը շեշտուին եւրոպական արժեհամակարգի որդեգրման անհրաժեշտութիւնը մեր երկրին կողմէ եւ այդ ուղղութեամբ փուլ առ փուլ պարտաւորութիւնները կատարելու պահանջներու յիշեցումները։ Դժուար պիտի չըլլար ընկալելը, որ գէթ այս պարագային եւրոպական շատ մը երկիրներ գուցէ նաեւ անհրաժեշտութիւնը զգային որդեգրելու հայկական մոտելն ու պետական-հասարակական արժեհամակարգի դրսեւորած մօտեցումները։

Այս բոլորը կապ չունին անշուշտ մեկնող-գալիք իշխանութիւններուն գնահատականներու հետ։ Այս բոլորը մինչ այժմ արձանագրուած-արձանագրուող գործընթացներուն ունեցած դրական ազդեցութեան կը վերաբերին` մեր երկրի միջազգային հեղինակութեան ու վարկի բարձրացման մէջ։ Ի վերջոյ, համաժողովրդային կամքի կամարտայայտութիւն, որուն դիմաց` վարչապետի հրաժարական։ Բախումներու բացառում, խաղաղ եղանակի որդեգրման եւ  կիրարկման կոչեր, իրականացումներ եւ իրաւապահ մարմիններու արհեստավարժ գործելաոճի առարկայացում եւ ուժի կիրարկումէ խուսափումի վճռակամութիւն։

Այս բնութագրումները կապ չունին նաեւ գէթ այսօր միանձնեայ ղեկավարութեամբ  յատկանշուող համաժողովրդային ընդդիմութեան իշխանութիւն ստանձնելու պարագային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւներուն հետ առնչուած հայեցակարգային անորոշութիւններու առթած տեղին մտահոգութիւններուն հետ։

Այդ հարցերը կան եւ պիտի յստակացուին տակաւին։ Խնդիրը այսօր ժողովրդավարական դիմագիծի պայծառացման եւ միջազգային վարկաւորումին կը վերաբերի։ Եւ բոլոր պատճառներն ու արդար ակնկալութիւնները կան, որ գիտակցական այս համակողմանի բարձր մակարդակը ինքզինք զգալի դարձնէ նաեւ հետագայ հանգուցալուծումներու գործընթացներուն` միշտ գերադասելով այդ բոլորին սահմանադրականութիւնն ու անոնց օրինական դաշտի մէջ կայացումը։

Ի՛նչը Եւ Որո՛նք Ստիպեցին Հեռանալ

$
0
0

ԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

«Հրապարակ» օրաթերթը իր 24 ապրիլի թիւին մէջ կը հաղորդէ. «Մեր աղբիւրները կը ներկայացնեն վերջին օրերու ժամանակագրութիւնը: Յատուկ ծառայութիւններու եւ ոստիկանութեան ղեկավարները մնայուն կերպով «փափուկ բարձ» դրած են Սերժ Սարգսեանի գլխուն տակ, թէ` խնդիր չկայ, բողոքողներու քանակը մեծ չէ, «շուտով ինքնիրեն կը մարի», հանգստացուցած են, թէ` կը տիրապետենք իրավիճակին եւ այլն: Յետոյ երբ բանը բանէն անցած է, համոզած են Սերժ Սարգսեանը, որ «խնդիրը Նիկոլն է»` Նիկոլին մեկուսացնենք, մէկ օրուան մէջ կը ճնշենք, կ՛աւարտի: Նոյնիսկ մօտիկ շրջապատէն ոչ ոք համարձակած է «բանալ» Սերժ Սարգսեանին աչքերը: Միայն երկու անձեր իրականութիւնը ներկայացուցած են այնպէս, ինչպէս է եւ առաջարկած են դիմում գրել ու երթալ: Մէկը Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը, միւսը` ՀՅԴ-ի Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:

«Մեզի պատմեցին, որ Սերժ Սարգսեանի վերջին յոյսը եղած է Արցախը եւ  Արցախի բանակը, որ կրնայ ամէնէն վճռական պահուն աջակցիլ անոր ու իր ներկայութեամբ վախի մթնոլորտ ստեղծել եւ ցրուել ցուցարարները, ինչպէս ըրին 2008-ին, սակայն Բակօ Սահակեանը բոլորովին այլ դիրքորոշում ունեցած է: Ան այցելած է Սերժ Սարգսեանին եւ ուղղակի առաջարկած «մօտեցի՛ր պատուհանին եւ տե՛ս, թէ ի՛նչ կը կատարուի, յանուն երկրի` պէտք է հրաժարական տաս»: Աւելի ուշագրաւ եղած է ՀՅԴ-ի կեցուածքը: Երբ նախօրէին գլխաւոր դատախազը միջնորդութիւն ուղարկած է Ազգային ժողով` պատգամաւորներ Նիկոլ Փաշինեանը, Արարատ Միրզոյեանը եւ Սասուն Միքայէլեանը անձեռնմխելիութենէն զրկելու պահանջով, եւ ՀՀԿ-ի մէջ յայտարարուած է ընդհանուր զօրաշարժ` նոյնիսկ գործուղումներէն ետ կանչած են պատգամաւորները, որ անհրաժեշտ մեծամասնութիւն ապահովեն եւ կալանքի վաւերացումներ տան, Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը անսպասելիօրէն յայտարարած է, որ` իրենք կողմ պիտի չքուէարկեն: Ապա Հրանդ Մարգարեանը մտած է Սերժ Սարգսեանի մօտ, համոզած, որ նման ծայրայեղ քայլի չդիմեն ու խնդրած է թոյլատրեն իրեն այցելել Նիկոլին` կալանավայրին մէջ: Նիկոլ Փաշինեանի ու Հրանդ Մարգարեանի հանդիպումը բաւական ջերմ եղած է, եւ Մարգարեանը անոր հաւաստած է, որ իրենց համար կարեւորը երկրին շահն է` իրենք պատրաստ են ամէն ինչով աջակցելու համաժողովրդական շարժման:

«Եւ վերջապէս, այս բոլոր յորդորներն ու իրադարձութիւնները կրնային անպտուղ անցնիլ, եթէ չըլլար վերջին կաթիլը` բանակը չսկսէր անցնիլ ցուցարարներուն կողմը: Երբ Կրկէսին մօտ գտնուող Խաղաղարար գունդէն խումբ մը ծառայողներ յայտնուած են ցուցարարներու կողքին եւ ազատամարտիկներ` զինուորականներու համազգեստներով, Սերժ Սարգսեան հասկցած է, որ յամառիլը ու հրաժարական չտալը կրնան շատ աւելի վատ հետեւանքներ ունենալ, իսկ ինքը չի կրնար կրկնել 2008-ը եւ կրակելու հրաման տալ` այս անգամ փողոցի մէջ երիտասարդութիւնն է, եւ իրեն ատիկա երբեք ու ոչ ոք կը ներէ»:տած է, որ իրենց համար կարեւորը երկրին շահն է` իրենք պատրաստ են ամէն ինչով աջակցելու համաժողովրդական շարժման:

Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ
(1869-1926)

* Եւ ահա՛ յանկարծ, այսօր, հայկական բանակը, հայ զինուորը տեսանելի, շօշափելի ճշմարտութիւն մը կը դառնան:

Հայ զինուորը փայտէ նիզակով ու թղթէ սաղաւարտով զինուած` բեմական ճամարտակութիւններ չ՛ըներ, այլ արիւնի ու կրակի մէջ մկրտուած, հերոսի փառապսակը գլխին, հրացանը ուսը զարկած` վերաստեղծուած Հայաստանի սահմանները կը պաշտպանէ:

Հայկական բանակը իր եռագոյն դրօշով ամէնէն պանծալի իրականութիւնն է, մեր ազատագրութեան ամենէն դրական ապացոյցը, Հայաստանի գոյութեան ամէնէն հաստատուն կռուանը:

Մեր գոյութեան, մեր պատմութեան միակ անխարդախ երաշխաւորութիւնը, հրացանը ուսին` պահակ սպասող հայ զինուորն է:

Ապրի՛ հայ զինուորը:

***

ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՍԱՊԱՀ-ԳԻՒԼԵԱՆ
(1861-1928)

* Մենք ունինք մի ամենաթանկագին կռուան, դա Հայաստանի Հանրապետութիւնն է:

Ասացինք առաջին օրից իսկ, կրկնում ենք եւ այսօր: Մենք քաղաքական մուրացկանութիւնը մի կողմ պիտի թողնենք, նախ մեր ազգային ուժերն է, որ պիտի կռենք, կոփենք, կազմակերպենք եւ առաջ քաշենք:

Յոյսերնիս բացառապէս, ամէն բանից առաջ մեր, բացառապէս մեր վրայ պիտի դնենք: Այդ ոգով, այդ ուղղութեամբ է, որ պիտի մօտենանք մեր հրկիզող ցաւերին, այդ մտքով է, որ պիտի ջանանք դարմանել մեր վէրքերը եւ մեզ գօտեպնդել` քալելու:

* Հայաստանի Հանրապետութիւնը, վերկրկնում ենք, մեր Պիեմոնտն է, այլեւս երկիւղ չունենք, ո՛չ մի տատանում, ո՛չ մի տարակուսանք, յուսահատութիւն` մեր ճակատագրի, մեր ապագայի մասին, նա կերտուած է արդէն, լուսափայլ է, շողշողում է, իր ճառագայթներն է արձակում:

***

ԳԷՈՐԳ Ե. ՍՈՒՐԷՆԵԱՆՑ (Տփղիսեցի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս)
(1847-1930)

* Թուրքը` մեր արնախում ոսոխը, նուաճել է Ալեքսանդրապոլը, շարժւում է դէպի սիրտը մեր երկրի, մեր հաւատի, մեր կենսագրութեան, գալիս է Էջմիածնի վրայ: Մեր զօրապետները Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին առաջարկում են ոսոխի բերնին թողնել Մայր Աթոռ Էջմիածինը, մեր սրբարանները, հայ ժողովուրդը եւ ապաստանել Բիւրականում: Ո՛չ եւ ո՛չ, հազա՛ր անգամ ոչ, ես չե՛մ լքի մեր սուրբ նախնիների աւանդած Մայր Աթոռը, ես չեմ հեռանայ Հայոց առաքելական օճախից: Եթէ հայոց զինուորութիւնն ինքը, հայ ժողովուրդը չեն կարողանայ թշնամու յառաջխաղացումը կասեցնել, եթէ ի զօրու չեն փրկելու մեր սրբութիւնները, ապա թող ես նահատակուեմ հէնց այստեղ, շեմի վրայ Մայր Աթոռի, որի գահակալի պատիւը ունեմ մեր սուրբ նախնիների արդար բարեխօսութեամբ եւ Աստծոյ ողորմածութեամբ:

* – Գնացէ՛ք, ասացէ՛ք, որ կաթողիկոսը այս սուրբ վայրից պիտի չհեռանայ: Ինչ որ իրեն աւանդ է տրուած իր հայրերից, նա պարտաւոր է պաշտպանել, եթէ նոյնիսկ հարկաւոր լինի ընկնել այս սուրբ տաճարի մէջ: Եթէ հայ ժողովուրդը, հայ զինուորը չեն կարող պաշտպանել աստուածատուր եւ Միածնի էջքով կրկնապէս սրբացած այս սուրբ վայրը, ինքը առանձինն կը մնայ նրան պաշտպանելու համար: Գնացէ՛ք, ասացէ՛ք, որ այդ հրամայեց վեհափառը եպիսկոպոսներին:

– Ինձ առաջարկում են թողնել Ս. Էջմիածինը եւ գնալ հանգստանալ Բիւրականում: Ես մերժեցի:

– Ասացէ՛ք հայ բանակին, թէ ես տեղիցս չեմ շարժւում: Ես չեմ թողնում Ս. Էջմիածինը: Եթէ մեր զինուորները նրան չեն կարողանում պաշտպանել եւ թուրքերը մտնելու են Ս. Էջմիածին, իմ դիակը պիտի գտնեն Ս. Իջման սրբավայրում:

– Տէ՛ր, օգնէ իմ զաւակներին, որ յաղթեն թշնամուն:

– Ինչպէս Մեծն Վարդան Քրիստոսի անունով յաղթեց հեթանոսներին Տղմուտի ափին եւ ընկաւ հերոսաբար, նոյնպէս ե՛ւ այժմ պէտք է յաղթենք: Այդ սուրբ պատերազմին մէջ Ղեւոնդ Երէցը գնում էր իր խաչով կռուողների առաջից: Այդ օրուայ յիշատակութիւնը մեզ համար մեծ տօն է:

– Գնացէ՛ք, ասացէ՛ք զինուորներին, որ նրանք պատասխանատու են բոլոր հայերի կեանքի համար: Մենք ոչ ոք չունենք մեր կողքին` բացի Քրիստոսից, որը մեր միակ ուժն է եւ մեզ օհնում է:

***

ՊՕՂՈՍ ՆՈՒՊԱՐ ՓԱՇԱ
(Նուպարեան, 1851-1930)

* Կովկասի մեր հայրենակիցներուն կը վերաբերի հայկական առաջին հանրապետութիւնը կազմելու պատիւը,- պզտիկ` իր հողային տարածութեամբ, սակայն մեծ այն սկզբունքովը, որ կը նուիրագործէ եւ ազգային այն զգացումովը, որուն արտայայտութիւնն է ան: Այս հանրապետութիւնը կորիզն է, առաջին արտայայտութիւնը` ամբողջ Հայաստանի վերածնութեան: Որքան խանդավառութեամբ կը լեցուին մեր սրտերը այն մտածման առջեւ, թէ մօտաւոր ապագայի մը մէջ անիկա պիտի գայ միանալ օսմ. տիրապետութենէ ազատագրուած թրքական Հայաստանի` կազմելու համար անոր հետ հայկական ամբողջական պետութիւնը, որ պիտի վերագրաւէ արեւելեան աշխարհին մէջ այն տեղը, որ գրաւած էր անցեալ դարերու ընթացքին, եւ որ անոր կը սահմանեն այն հազուագիւտ ընդունակութիւնները եւ այն յատկութիւնները, որ կը բնորոշեն մեր ցեղը այնքան հնագոյն, այլ սակայն` միշտ երիտասարդ եւ միշտ առոյգ:

* Պատերազմի դաշտերուն վրայ, զէնքով տիրանալէ ետք իր ազատագրութեան, այսօր աւելի քան երբեք թրթռուն եւ կենդանի, եւ վերջապէս մեր հայրենիքը վերածնած տեսնելու յոյսէն տասնապատկուած ուժերով, մեր ժողովուրդը, զոր տառապանքները, հալածանքները եւ դարաւոր սարսափները թրծած են ապագայ պայքարներու եւ ճիգերու համար, կը սպասէ վստահութեամբ ազգային նոր կեանքի մը թուականին:

***

ԹՈՎՄԱՍ ՆԱԶԱՐԲԵԿԵԱՆ
(1855-1931)

* Երեւանը չյանձնել, այլ` կռուիլ մինչեւ վերջին մարդ: Այնքան, որ եթէ ամէն ինչ վերջանայ եւ ելք չունենայ, ես եւս հրացանը ուսիս` կ՛երթամ միւս զինուորներուն հետ:

* Հա՛յ ժողովուրդ, այն զօրքը, որ վճռել է կեանքի եւ մահու կռիւ մղել թշնամու դէմ, պէտք է լինի կուշտ ու հագնուած:

Եթէ դուք ցանկանում էք ազատել ձեր ընտանիքներին եւ ունեցուածքը, եթէ դուք չէք ցանկանում ապրել աւելի վատթար ստրկութեան մէջ, քան այն, որ դարերի ընթացքում կրել են մեր եղբայրները տաճիկ կառավարութեան լծի տակ, եթէ չէք ուզում, որ ամբողջ հայութիւնը կորչի, եկէ՛ք բոլորդ, ո՛վ զէնք կրելու ընդունակ է, եկէ՛ք ձեր զէնքով ու փամփուշտներով, վերցրէք ձեզ հետ հինգ օրուայ ուտեստեղէնի պաշար, մինչեւ որ կարելի կը լինի զօրքի կանոնաւոր պարենաւորումը կազմակերպել:

Նուիրեցէք զօրքի համար հաց, գետնախնձոր եւ ուրիշ մթերքներ, լաւ յիշեցէք, որ ամէն դանդաղում ներկայ վճռական րոպէին կործանիչ է, լաւ դիտեցէք, որ եթէ այժմ զէնքով չկարողանանք պաշտպանել մեր ազատութիւնն ու ունեցուածքը, ապա մենք արժանի չենք գոյութիւն ունենալու որպէս ինքնուրոյն ժողովուրդ եւ այն ժամանակ վա՛յ մեզ ու մեր յետնորդներին: Մեր որդիներն ու թոռները միմիայն անէծքով կը յիշեն մեզ: Մենք մեր յոյսը պէտք է դնենք միմիայն մեր սեփական ուժերի վրայ, եւ եթէ այժմ առանց ժամանակ կորցնելու չօգնենք մեր զօրքին, չլրացնենք նրա շարքերը զինուորներով եւ չմատակարարենք նրան անհրաժեշտ մթերքներ, մենք կորած ենք: Լա՛ւ իմացէք, եթէ այժմ զէնքով չնուաճենք մեր ազատութիւնն ու չստեղծենք մեզ համար երջանիկ ապագայ, այլեւս երբեք չի յաջողուի այդ բանը ո՛չ մեզ եւ ո՛չ մեր սերունդներին:

* Երեւանը յանձնել կարելի չէ: Կը հրամայեմ անմիջապէս գործողութեան պատրաստութեան: Ամէնէն ուժեղ կերպով պաշտպանեցէ՛ք Սարդարապատ-Ղարթուն գիծը: Միշտ ուշադրութիւն դարձրէք Արալըխի ճամբին, որտեղէն թուրք հեծելազօրքեր կարող են յառաջանալ եւ կտրել մեր գիծը մեր քամակից: Պիտի յաղթենք մենք: Այդ ինծի ըսաւ Արարատը: Նայեցէք` ինչպէ՜ս հպարտ կը նայի մեզի Հայաստանի արքան: Ան կը պատրաստէ մեր յաղթութեան տօնակատարութիւնը: Եւ Աստուած անոր հետ է: Լսեցէ՛ք այս զանգակները:

* Մենք մեծ սխալ գործեցինք, որ զօրահաւաք յայտարարեցինք ամբողջ Կովկասի մէջ եւ ատով առիթ տուինք հայութեան ոխերիմ թշնամի հայ համայնավարներուն իբրեւ կամաւորներ ներս սողոսկելու մեր բանակին մէջ ու այլասերելու, պարտութեան ոգի ներշնչելու անոր: Եթէ մենք բաւարարուէինք Հայաստանի մէջ մեր ունեցած գնդերով, ես համոզուած եմ, որ մեր զօրքերը մեծ դիմադրութիւն պիտի ցոյց տային Քարապեքիրի բանակին եւ պիտի կասեցնէին անոր առաջախաղացումը: Դժբախտաբար հայ համայնավարները որդի նման կերան մեր զինուորական ուժի արմատները ու քայքայեցին, ջլատեցին, անզօր դարձուցին անոր որեւէ դիմադրութեան: Լաւագոյն փաստը գնդապետ Մազմանեանի գնդի վերաբերմունքն է եւ` մեր լաւագոյն, ազնիւ, քաջ եւ կարող գնդապետի անձնասպանութիւնը…

***

ՀԱՅՐ ԱԲՐԱՀԱՄ
(Աւետիք Սահակեան, 1865-1933)

* Քաղաքացինե՛ր, պատգամաւորներ՛ Հայաստանի խորհրդի, Գերագոյն հայոց ազգային խորհրդի կողմից եւ պատիւ ունիմ այսօր բաց անել անդրանիկ նիստը Հայաստանի խորհրդի եւ յայտարարել, որ այսուհետեւ սա է միակ լիազօր մարմինը` ամփոփող իր մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական իշխանութիւնը: Այս օրը կը դառնայ մեզ համար պատմական եւ կը բանայ մի նոր լուսաւոր դարաշրջան` մեր երիտասարդ պետութեան կեանքում, ինքնուրոյն քաղաքական եւ տնտեսական զարգացման: Այս օրը կը մնայ միշտ յիշատակելի եւ այն պատճառով, որ առաջին անգամ իրականացած ենք տեսնում մեր նեղ հորիզոնի սահմաններում գեղեցիկ երազներն ու նուիրական տենչը ինքնորոշման, թէեւ` անհնարին դժուարին պայմաններում:

* Այո՛, մեր հանրապետութիւնը փոքր է ու նեղ իր սահմաններով, նա զրկուել է իր ամենագնահատելի երկրամասերից ու չի կարող իր մէջ տեղաւորել ամբողջ ազգաբնակութիւնը եւ կարծես թէ պայմաններ չունի անկախ գոյութեան համար: Բայց ես կարծում եմ, որ երկրի սահմանները քարացած չեն կարող մնալ միշտ: Ես հաւատում եմ, որ մեր սահմանները կ՛ընդարձակուեն կեանքի երկաթէ օրէնքի ուժով, մեր արդար եւ անվիճելի իրաւունքների պաշտպանութեամբ:

***

ՕՀԱՆ ԿԱՐՕ
(Յովհաննէս Կարապետեան, 1890-1933)

* Կէսօր էր տակաւին, երբ խորհրդարանի «արտակարգ նիստը» տեղի ունեցաւ: Հեռաւոր գիւղերէն իրենց հուժկու եզներով ու նահապետական սայլերով եւ գործիքներով թափօրին մասնակցելու եկած գեղջուկներու այր ու կին խումբերու ներկայութեամբ բացուեցաւ նիստը. եւ ահա օրն անցաւ: Ե՞րբ անցաւ. խորհրդարանի ալեհեր ու թիկնեղ նախագահ Հայր Աբրահամը արտասուալից աչքերով իր շնորհաւորանքներն ուղղեց «Միացեալ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի»-ներուն, յետոյ մէկ – երկու խօսք ըսին մնացեալ նախարարներն ու կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, եւ կառավարութեան կազմակերպած երեկոյթի ժամանակը հասաւ:

***

ԶՕՐ. ՄՈՎՍԷՍ ՍԻԼԻԿԵԱՆ
(1862-1934)

* Հայե՛ր, շտապեցէք հայրենիքն ազատելու

Հասել է րոպէն, իւրաքանչիւր հայ, մոռանալով իր անձնականը, յանուն Մեծ գործի` հայրենիքի փրկութեան եւ իր կնոջ ու աղջիկների պատուի պաշտպանութեան, պիտի գործ դնի իր վերջին ճիգը թշնամուն հարուածելու համար:

Մենք չէինք ուզում կռուել, յանուն խաղաղութեան եւ հաշտութեան, պատրաստ էինք մենք ընդառաջ գնալու ամէն տեսակ զիջողութիւնների, սակայն մեր նամարդ թշնամին ընթանում է իր ծրագրած ուղիով, նա, ըստ երեւոյթին, ստրկացնել է ուզում մեզ, բայց իրօք նա ուզում է ոչնչացնել մեր բազմաչարչար ազգը:

* Յանո՛ւն բազմաչարչար հայ ժողովրդի ֆիզիքական գոյութեան,

Յանո՛ւն ոտնակոխ եղած ճշմարտութեան,

Ոտքի՛ կանգնեցէք: Դէպի գործ, դէպի սրբազան պատերազմ:

* Ուրեմն մի՛ դանդաղէք, հայե՛ր, շտապով, խմբուեցէք խիտ եւ համերաշխ շարքերով, վռնտեցէք թշնամուն մեր հայրենի արիւնաներկ հողից, եւ թող ձեզ հետ լինի ձեր յետնորդների օրհնութիւնը:

Դէպի՛ զէնք բոլորդ:
Դէպի՛ Ալեքսանդրապոլ:

(Շար. 2)

Այո՝ ժողովրդային շարժմանը, ոչ՝ անարխիային…

$
0
0

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութիւնում քաղաքացիական ինքնաբուխ շարժումը, յատկապէս երբ դա երիտասարդական աւիւնով՝ ժողովրդային արդար պահանջատիրութեան կերպարանք է կրում, ինքնըստինքեան առաջընթաց է՝ հասարակա-քաղաքական կեանքում: Սակայն, նոյն առաջընթացը պահպանելու երաշխիքը կայանում է նրանում, որ նշեալ ժողովրդային պահանջատիրութիւնը նաեւ առաջանցիկ ձեւաւորում ու կերպարանք ստանայ բացառապէս սահմանադրականութեան եւ օրէնքների շրջանակներում:

Այլապէս նոյն քաղաքացիական, ինքնաբուխ, ժողովրդային շարժումը լաւագոյն դէպքում կը վերածւի ինքնանպատակ, եթէ կարելի լինի այսպէս ասել՝ անարխիական քաոսի, որն էլ բերելու է ներքին թէ՛ արտաքին ամէն կարգի չարաշահումների…

Նման ճգնաժամային իրավիճակի չմատնւելու նպատակով արդէն իսկ հայաստանեան պետական կառոյցները, ներառեալ քաղաքական ողջամիտ շրջանակները, դրական հանգուցալուծմանը միտող քայլեր են ձեռնարկում:

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը, պաշտօնակատար փոխվարչապետ Կարէն Կարապետեանը, քաղաքական կուսակցութիւն-խմբակցութինները յանձինս՝ ՀՅԴ-ի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի ու նոյնինքն շարժման առաջնորդ համարւող, Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանը փորձում են նոյն այդ ճգնաժամից ու քաոսային վիճակից խուսափելու եւ օրէնքի իշխանութիւնը վերականգնելու բանակցային, միջնորդական եւ երկխօսութիւնների ինտենսիւ գործընթաց:

Գործընթաց, որն, ինչ խօսք՝ լինելու է դժւարին, բայցեւ կամային արտայայտութեան, հանդուրժողականութեան եւ փոխըմբռնման պայմաններում՝ յաղթահարելի:

Բարեբախտաբար, միջամուխ բոլոր կողմերի մօտ առկայ է գէթ առանցքային մի խնդրում համախոհութիւն, եւ դա կառավարման առողջ համակարգի վերականգնման նպատակով՝ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնների նախապատրաստմանը միտող յայտարարութիւններն են. իսկ տւեալ դէպքում սահմանադրական օրէնքները օժտւած են այդ կարգի բարեփոխումների տանող համապատասխան դրոյթներով:

Եւ կարեւորը՝ համաշխարհային հանրային կարծիքը՝ ԱՄՆ, Եւրոպա, Ռուսաստան պաշտօնական յայտարարութիւններով յստակօրէն ընդգծել են ՀՀ-ում քաղաքական գործընթացների խաղաղ, երկխօսութեան արդիւնքում եւ երկրի սահմանադրական օրէնքների շրջանակում հանգուցալուծւելու կարեւորութիւնը:

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Ցեղասպանութեան Պարտադրած Մե՛ր Պարտքը` Մե՛ր Ժողովուրդին

$
0
0

Դարեր շարունակ տարբեր արհաւիրքներ ապրած, ցեղասպանական ահռելի ոճիրին զոհ գացած, սոված, տառապած, բայց իր մէջ գտած վերապրելու հրաշալի ուժով ոտքի կանգնած, ստեղծագործած, պետութիւն վերականգնած, պետութիւն կորսնցուցած, վերստին անկախութեան տիրացած մեր ժողովուրդը արժանի է ամէնէն արժանապատիւ կեանքի:

Մեր ժողովուրդին պարտք է համայն աշխարհը, որ ոչ միայն թոյլ տուաւ, որ ժողովուրդ մը ամբողջ տարագրուի իր հողերէն, ջարդուի ու դատապարտուի մահուան, այլ տասնամեակներ շարունակ նուազագոյն ուշադրութեան չարժանացուց աշխարհով մէկ ցրուած վերապրող հայորդիներու կանչերը, դիմումները, պահանջները: Այո՛, շնորհակալ ու երախտապարտ ենք բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք իրենց խնամքին տակ առին վերապրողները, որբացած երեխաները: Մեր ժողովուրդը իր երախտագիտութիւնը հազարապատիկ վերադարձուցած է իրեն ընդունած երկիրներուն եւ դեռ այսօր ալ կը շարունակէ իր քրտինքով մասնակից ըլլալ այդ երկիրներու զարգացման ու բարգաւաճման գործին: Բայց նոյն այդ երկիրներէն մեր ժողովուրդը բարոյական իրաւունքը ունի պահանջելու, որ յանուն համամարդկային արժէքներու, յանուն ցեղասպանութեան նման անմարդկային ոճիրներու կանխման, պէտք է առաւել ուժգնութեամբ զօրակցին Հայկական հարցի արդար լուծման:

Մեր ժողովուրդին, անշուշտ, պարտք է ցեղասպանը` Թուրքիոյ կառավարութիւնը, որ նախ պէտք է դէմ առ դէմ գայ իր պատմութեան, ճանչնայ իր գործած ահաւոր ոճիրը եւ պատասխանատուութիւն ստանձնէ հողային, նիւթական եւ բարոյական հատուցում տալու յանձնառութեամբ:

Մենք` մեր ժողովուրդի զաւակներս, սփիւռքի մէջ թէ հայրենիքի, պարտինք տէր կանգնիլ մեր բիւրաւոր նահատակներու կտակին, պարտինք մեր ազգին, մեր հայրենիքին համար այնպիսի պայմաններ ստեղծել, որ ոչ մէկ անգամ այլեւս մեր ժողովուրդը նոյնպիսի ճակատագրի ենթարկուելու սպառնալիքը դիմագրաւէ:

Մենք, սփիւռքի մէջ, պարտինք մեր հայրենիքն ու պետութիւնը հզօրացնելու բոլոր ճիգերուն ամբողջական մասնակցութիւն բերել: Մենք, առաւել քան` հայրենիքի մէջ ապրող մեր արիւնակիցները, գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հող կորսնցնել, գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ անզօր մնալ թշնամիներու յարձակումներուն դիմաց: Ուրեմն, մենք աւելի շատ պարտաւորութիւն պէտք է զգանք հայրենիքը ամրացնելու, հայոց բանակը անպարտելի դարձնելու ծրագիրներու ու նախաձեռնութիւններու հանդէպ:

Հայրենի պետութիւնը, զայն անձնաւորող բոլոր պաշտօնեաներն ու կառոյցները մեր ժողովուրդին հանդէպ ունին մեծագոյն պարտաւորութիւնը` արժանապատիւ կեանք, ապահով երկինք երաշխաւորելու անոր: Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի հանդէպ այնպիսի գուրգուրանք, այնպիսի հոգատարութիւն պէտք է ցուցաբերուի մեր իշխանութեանց կողմէ, որ հայ մարդը զգայ սեփական պետութիւն ունենալու բարիքը, իր ընտանիքի ապագան տեսնէ սեփական երկրին մէջ, ուր ինք պէտք է գտնէ ամէնէն հարազատ միջավայրը, ամէնէն ապահով երկինքը, իր ստեղծագործական տաղանդը ամէնէն արդիւնաւոր կերպով դրսեւորելու հնարաւորութիւնը:

Մենք պարտք ենք մեր վերապրած, իր ապագային հանդէպ վստահ ժողվուրդին, անոր բոլոր զաւակներուն, ուրեմն պարտք ենք իրարու, պարտք ենք միասնաբար, կողք կողքի աշխատելու, պայքարելու, ստեղծելու: Պարտք ենք միասնաբար մերժելու մեր ժողովուրդին վնասող բոլոր երեւոյթները, ուրկէ ալ եկած ըլլան անոնք` դուրսէն թէ ներսէն:

Անկախութեան Կանչ

$
0
0

ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ

Պատմական եւ ճակատագրական այս օրերուն մեզմէ իւրաքանչիւրին միտքն ու հոգին ողողուած են փոթորկալի մտածումներով: Իւրաքանչիւր հայ իր հայեացքը սեւեռած դէպի հայրենիք` ուշի ուշով կը հետեւի տեղի ունեցող վերիվայրումներուն եւ աճող պայքարին: Պայքար մը, որ ամէն օր երկիրը անկայուն եւ վտանգաւոր մթնոլորտի մատնելու կողքին, յոյսի անզուգական նշոյլներ կ՛արձակէ մեր հոգիներէն ներս: Թէեւ ապրիլ 24-ի նախօրեակին տեղի ունեցած զարգացումները որոշ չափով հանգստացուցին մեզ, սակայն այդ հանգստութիւնը կը մնայ անկայուն, եւ երկիրը կը շարունակէ ապրիլ իր տագնապալի օրերը: Փա՛ռք ու պատիւ մեր գիտակից ժողովուրդին եւ յատկապէս երիտասարդութեան, որ ամենայն ծանրախոհութեամբ, «բաց ձեռքերով» եւ խաղաղութիւնը պահելու վճռակամութեամբ կը շարունակէ իր արդար պահանջատիրական երթը: Ինչպէս նաեւ` փա՛ռք բոլոր անոնց, որոնք շրջահայեաց մօտեցումով ականջալուր կ՛ըլլան ժողովուրդի պահանջներուն եւ առաջքը կը փորձեն առնել որեւէ անթոյլատրելի եւ աղիտալի պատահարներու:

Մեզմէ իւրաքանչիւրին ծանօթ են մեր երկրին իրավիճակը եւ այդ իրավիճակի պատասխանատուներն ու դերակատարները: Կասկածէ վեր է, որ այդ դերակատարները,  ըլլան անոնք` իշխանութիւն, կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն կամ անհատներ, լաւատեղեակ են իրենց ունեցած դերին` երկիրն ու ժողովուրդը այս ճգնաժամային կացութեան մատնելու: Անվիճելի իրականութիւն է, որ վերջին երկու տասնամեակներուն հայրենի իշխանութիւնները ձախողեցան ժողովուրդին համար համեստ եւ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու կենսունակ պայմաններ ապահովել: Տարիներ շարունակ իշխանութիւններն ու անոր լծակները անտեսեցին եւ արհամարհեցին մեր ժողովուրդին ազատ եւ արժանապատուութեամբ ապրելու իրաւունքը: Այս ճշմարտութիւնը փաստելը անհեթեթ է այս պահին: Իրողութիւնը այն է, որ այսօր ազգովին կը գտնուինք այնպիսի՛ թնճուկի մը առջեւ, որուն լուծումը բաւական բարդ է եւ կնճռոտ:

Պայքարը լուրջ եւ անկիւնադարձային է: Պայքար մը, որուն հիմնական շարժառիթը,  քաղաքական ըլլալէ անդին, ունի բարոյական, ընկերային, տնտեսական եւ կենցաղային բնոյթ: Երիտասարդութիւնը, արհամարհելով սպառնալիքներն ու բռնակալութիւնները, կը շարունակէ իր երթը` բարձրաձայն գոչելով.

– Վե՛րջ անարդարութեան
– Վե՛րջ կողոպուտին
– Վե՛րջ կաշառակերութեան
– Վե՛րջ աղքատութեան
– Վե՛րջ արտագաղթին
– Եւ վե՛րջ անյոյս ապրելակերպին

Այս պայքարը Նիկոլին պայքարը չէ՛: Այս պայքարը ճնշուած ժողովուրդի մը անհանդուրժելի իրավիճակին հրամայակա՛նն է: Յոյս ներշնչելու պայքար է: Իշխանութեան հանդէպ հաւատք եւ վստահութիւն վերականգնելու պայքար է: Եւ վերջապէս, հայրենիքին ու գալիք սերունդներուն լուսաւոր եւ բարգաւաճ ապագայ մը ապահովելու պայքար է:

Հրաժարականներով չէ՛, որ այս պայքարը յաջողութեամբ պիտի պսակուի: Այդ մէկը կենսական քայլ մը ըլլալով հանդերձ, բաւարար չէ՛ եւ պէտք չէ որ ըլլայ: Այս երթի ամբողջական յաղթանակը միայն ու միայն կարելի է ապահովել հիմնական ու արմատական փոփոխութիւններով` ընկերային, կենցաղային եւ քաղաքական մշակոյթի ոլորտներէն ներս: Իշխանութեան մէջ ըլլալիք փոփոխութիւնները անխուսափելի են, հրամայական եւ անյապա՛ղ: Սակայն, անոր հետ միատեղ, ժողովուրդը կենսական փոփոխութիւններ ունի ընելիք: Անհրաժեշտ է ձերբազատիլ ստրկութեան հոգեբանութենէն: Պէտք է յանձնառու ըլլալ օրէնքի պահպանման եւ գործադրման: Կաշառքներ ստանալով` ընկերային անկախութիւն չի՛ կերտուիր: Երկրի օրէնքները խախտելով եւ երկիրը կողոպտելով` կենցաղային անկախութիւն չի՛ պահպանուիր: Այսօր խոհեմութիւնը, հանդուրժողութիւնը եւ հաւասարակշռուած դատողութիւնը աւելի անհրաժեշտ են, քան երբեք: Ատելութեան, ոխի ու վրէժխնդրութեան զգացումները տեղ չեն կրնար ունենալ մեր այսօրուան իրականութեան մէջ: Պէտք է զգուշ ըլլալ արտաքին երկիրներու միջամտութիւններէն եւ զերծ՝ անձնական շահեր հետապնդելէն: Ապա թէ ոչ թատերախաղը կը մնայ նո՛յնը, եւ միայն դերասաններն են, որ կը փոխուին: Սերժին տեղ կու գան նոր Սերժեր, Նիկոլին տեղ` նոր Նիկոլներ եւ ապականած իշխանութեանց տեղ` նոյնանմա՛ն իշխանութիւններ:

Ապրիլ 23-ի յաղթանակը լոկ խորհրդանշական յաղթանակի սահմաններուն մէջ կը մնայ, եթէ անոր չյաջորդեն շօշափելի դրական յառաջընթաց եւ արմատական փոփոխութիւններ: Սոյն յաղթանակը իբրեւ հիմք պէտք է ծառայէ` վերջ դնելու անարդարութեան, կողոպուտին, կաշառակերութեան, աղքատութեան եւ արտագաղթին: Ապրիլ 24-ի նախօրեակին ձեռք բերուած յաղթանակը թող ծառայէ իբրեւ յոյսի աղբիւր եւ իբրեւ փարոս` գալիք պանծալի ապագային: Թող ան ըլլայ երիտասարդութեան կողմէ աղաղակուած «անկախութեան եւ արդարութեան» կանչը` ո՛ղջ հայութեան: Կոչ մը, որ լոզունգի սահմաններէն դուրս գալով` պէտք է վերածուի գործնական իրականութեան` ի փառս մեր հայրենիքի:

25 ապրիլ 2018


Ընտրութիւններ 2018. «Ինչո՞ւ Ինչ Կ՛ընեն Կոր…»

$
0
0

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Անցնող ամիսներուն ընտրական աշխատանք կատարող մեր տղաքն ու աղջիկները հսկայական գործ կատարեցին: Տուն առ տուն այցելեցին, ընտրական տախտակներ լեցուցին, տուեալներ հաւաքեցին եւ ընտրութեան պատրաստութեան ցուցմունքներ տուին:

Դաշնակցութեան ակումբներուն կողմէ մեր ժողովուրդին տուները այցելող տղաքն ու աղջիկները իրենց դիմաց գտան բաց դռներ, բաց սրտեր, ջերմ ընդունելութիւն եւ, ինչպէս միշտ, այս փուլին եւս, Դաշնակցութեան կողքին ըլլալու մնայուն պատրաստակամութիւն:

Երեւոյթը խրախուսական էր եւ` նախանձ շարժող: Անոր համար ալ հակադարձը չուշացաւ:

Հայ իրականութեան անծանօթ մարդիկ, Դաշնակցութիւն-ժողովուրդ պատմական կապին անտեղեակ մարդիկ, նոր օրերու նորելուկ թեկնածուներ սկսան հարցականի ենթարկել մեր ժողովուրդին վստահութիւնը իր կուսակցութիւններուն հանդէպ ընդհանրապէս եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նկատմամբ` յատկապէս: Եւ այսպէս, որոշ շրջանակներու մէջ, ընկերային ցանցերու վրայ, ձայնասփռեալ թէ պատկերասփռեալ հարցազրոյցներու մէջ սկսաւ շրջան ընել հարցում մը, թէ` «Ինչո՞ւ ի՞նչ կ՛ընեն կոր…» հայկական կուսակցութիւնները: Ի՞նչ ըրին որ անցնող ինը տարիներուն եւ ի՞նչ պիտի ընեն ասկէ ետք: («կոր»-ը իրենց ռամիկ արտայայտութիւնն է եւ արտայայտութեան հարազատութիւնը պահելու համար, ակամայ, մենք ալ պիտի ստիպուինք քանի մը անգամ կրկնել զայն` ապաւինելով ընթերցողին ներողամտութեան):

Թէ «ի՞նչ կ՛ընեն կոր» հայկական միւս կուսակցութիւնները, անոր պատասխանը կրնան տալ տուեա՛լ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները: Իսկ թէ «ի՞նչ կ՛ընէ կոր» Դաշնակցութիւնը, կամ աւելի ճիշդ` ի՞նչ ըրաւ Դաշնակցութիւնը անցնող ինը տարիներուն,

2009-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն մինչեւ այսօր, կ՛արժէ յիշել եւ յիշեցնել, պարզ ու յստակ տուեալներով, անշուշտ, խորունկ շունչ մը քաշելէ ետք, որովհետեւ հաշուետուութիւնը բաւական երկար է եւ հարուստ:

Բայց, եկէ՛ք, հարցումին նախ պատասխանենք հարցումով մը. իսկ ի՞նչ կրնար ընել Դաշնակցութիւնը, որ չըրաւ հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Ու երբ Դաշնակցութիւն կ՛ըսենք, բնականաբար, միայն կուսակցութիւնը չէ, որ կը հասկնանք, այլ կուսակցութեան անմիջական նեցուկը վայելող ուղեկից միութիւնները եւս կը հասկնանք:

Կուսակցութեան որոշիչ դերակատարութեամբ գործող ազգային հաստատութիւնները եւս կը հասկնանք:

Գործունէութեան ծիրը այնքա՜ն լայն է, որ դիւրին չէ, յիշել բոլորը` առանց մոռնալու մէկը կամ միւսը:

Բայց, եկէ՛ք, ընթանանք կարգով:

Առաջին. լիբանանահայ իրականութեան մէջ յիշենք գրասենեակ մը, որ պետական, իրաւաբանական, ընկերային ու տնտեսական հազարումէկ հարցերու համար այնքան ազգային ընդունած ըլլայ, որքան հայկական երեսփոխանական գրասենեակը` անցնող ինը տարիներուն:

Գրասենեակ դիմողներուն թիւերը յաճախ հրապարակուած են մամուլով: Գրասենեակը հասած է բոլորին: Աւելի՛ն. ան երկու նոր գրասենեակ բացած է Էշրէֆիէի եւ Հայաշէնի մէջ` հասնելու համար Պէյրութի հայութեան օրէ օր բազմացող կարիքներուն:

Երկրորդ. լիբանանահայ իրականութեան մէջ յիշենք իրերօգնութեան հայկական սնտուկ մը, որ այնքան շատ ծառայութիւններ մատուցած ըլլայ, որքան ԱՖՀԻԼ-ը` իր բազմաճիւղ գործունէութեամբ, հիւանդանոցային սպասարկութիւններէ մինչեւ մարզական կեդրոններ, համալսարանական ֆոնտերէ մինչեւ ընկերային բարդ պարագաներու օժանդակութիւններ: ԱՖՀԻԼ անցնող ինը տարիներուն մարզական երկու նոր կեդրոն ստեղծեց Ֆանարի եւ Այնճարի մէջ, մինչ Պուրճ Համուտի իր կեդրոնը ընդարձակուեցաւ եւ արդիականացաւ զգալիօրէն:

Երրորդ. յիշենք նաեւ, չե՛նք կրնար չյիշել, Դաշնակցութեան ուղեկից միութիւններէն Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ծառայութիւնները, կրթական օժանդակութիւնները, ծերերու եւ կարիքաւորներու հասնելու հսկայական ճիգն ու ջանքը: Կ՛արժէ անգամ մը աչքէ անցընել միութեան երկամեայ տեղեկագիրները, գումարել տարեկան քանի մը հարիւր հազար տոլարի հասնող անոր յատկացումները` գիտնալու համար իսկական տարողութիւնը անոր կատարած ծովածաւալ աշխատանքին:

Չորրորդ. Ինչո՞ւ մոռնալ ՀՅԴ 126-ամեակին առիթով Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հաստատած ֆոնտերը. Հայ համալսարանականներու ֆոնտ (որմէ այս տարի օգտուեցան 153 համալսարանականներ), Հայ ընտանիքի բազմացման ֆոնտ, Մկրտութեան ֆոնտ, Պսակի ֆոնտ: Ֆոնտերէն օգտուողներու թիւերը մէջտեղն են, հրապարակուած են եւ ծանօթ են բոլորին:

Հինգերորդ. «Ինչո՞ւ ի՛նչ կ՛ընեն կոր» հարցումը հարցնողներուն միտքերը անպայման պէտք է թարմացնել եւ յիշեցնել, որ 2011 թուականին Սուրիոյ մէջ պատերազմ սկսաւ եւ աւելի քան 10 հազար սուրիահայ իր առաջին ապաստանը գտաւ Լիբանանի մէջ: Ո՞վ եւ ի՞նչպէս անոնց տուն-տեղ ապահովեց, 700 աշակերտի անվճար դպրոցական դասաւորեց, բժշկական դիւրութիւններ ընծայեց, զանազան առիթներով օժանադակութիւններ բաժնեց: Շատերու օրինական թուղթի հարցերը լուծեց եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ գործ եւ ապրուստ ապահովեց:

Այս բոլորը ո՞վ կատարեց, եթէ ոչ` Դաշնակցութիւնը, անոր ակումբները եւ անոնց շուրջ բոլորուած ազգային-միութենական մարմինները, որոնք Լիբանանի ընկերատնտեսական ամէնէն դժուարին պայմաններուն մէջ, արտակարգ զոհողութիւններով, օժանդակութեան ձե՛ռք երկարեցին իրենց հարազատին` սուրիահայ մամիկին ու պապիկին, հիւանդին ու դպրոցականին, անգործին եւ կեցութեան հարցեր ունեցողին:

Վեցերորդ. կը յիշէ՞ք մօտաւոր անցեալին փուլ մը, երբ մեր երիտասարդութիւնը ազգային խանդավառութեան եւ հաւաքական հպարտութեան այնքան բարձր տրամադրութիւններ ունեցած ըլլայ, որքան որ ան ունեցաւ վերջին երեք տարիներուն` ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի աղջկանց խումբին Լիբանանի ախոյեանութեան տիրացումով, տղոց ներկայացուցչական խումբին պատուաբեր արդիւնքներով ու մանաւանդ` տղոց եւ աղջկանց խումբերուն արաբական աշխարհի ախոյեան հռչակումով: ՀՄԸՄ-ի մարզական կեանքը բարձունք մը նուաճեց վերջին տարիներուն եւ այդ բարձունքին հասնելու համար անուրանալի եղաւ աջակցութիւնը Դաշնակցութեան եւ անոր համակիր լայն շրջանակին:

Եօթներորդ. յիշողութեան կորուստէ տառապողներուն կ՛արժէ հարց տալ, թէ ո՞վ կարելիութիւն դարձուց տարիներու եւ սերունդներու երազը հանդիսացող, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի նոր շէնքերու ծրագիրը: Ո՞վ Թիրօ քեմփի բնակիչները անտէր չձգեց, փողոց չնետեց, այլ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ժրաջան աշխատանքով երազը դարձուց իրականութիւն` Պուրճ Համուտի սրտին մէջ բնակարան ապահովելով 180 նոր ընտանիքի:

Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ Ֆանարի պարագային, ուր Դաշնակցութիւնը կարեւոր դեր ունեցաւ ժողովրդային բնակարաններու կալուածաթուղթերու երկա՜ր տարիներու հարցին բարւոք լուծման մէջ: Ֆանարի ժողովուրդը կրնայ լաւապէս վկայել այս մասին:

Ութերորդ. Անցնինք կրթական դաշտ: Որո՞ւ խրախուսանքով եւ գործնական աջակցութեամբ ձեւ ու մարմին ստացաւ Պուրճ Համուտի Ազգային Միացեալ վարժարանը: Նաեւ` ի՞նչպէս լուծուեցաւ ազգային վարժարաններու ուսուցիչներու 20 տարուան յետնեալ վճարումներու հարցը: Քա՛ջ պէտք է ըլլալ այս իրականութիւնները յիշելու եւ ըսելու, թէ ո՛վ եւ ինչպէ՛ս հայ ուսուցիչի իրաւունքներուն պաշտպանը եղաւ:

Յիշե՞նք նաեւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի դարձաւ երկու տարուան մէջ հայկական վարժարաններէ 25 շրջանաւարտներ Հայաստան ղրկել եւ հոն համապատասխան ֆոնտերով համալսարանական կրթութիւն ապահովել անոնց:

Իններորդ. ի՞նչպէս մոռնանք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարին` իր բազմաբնոյթ ձեռնարկներով, բայց մանաւանդ` պատմական քայլարշաւով եւ ապրիլ 24-ին Լիբանանի բոլոր վարժարանները փակ պահելու պետական որոշումով: Վաղուան պատմագիրը պիտի գրէ այս մասին եւ պիտի ըսէ, թէ ճիշդ ո՛վ, ի՛նչ ըրաւ 2015 թուականին Լիբանանի մէջ: Դաշնակցութեան բաժինը, վստահաբար, պիտի ըլլայ առիւծի բաժինը, որովհետեւ ինչ որ կուսակցութեան քաղաքական կշիռին եւ հեղինակութեան շնորհիւ կատարուեցաւ, քիչ բան չէր, դիւրի՛ն չէր, մոռցուելի՛ք չէր:

Տասներորդ. խօսի՞նք նաեւ շինարարական իրագործումներու մասին, անուններո՛վ, վայրերո՛վ, թէ ի՞նչ կատարուեցաւ անցնող ինը տարուան ընթացքին:

2009-2018 շինուեցաւ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը: Ստեղծուեցան «Աբօ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնը եւ Պաուշրիէի Հայ կեդրոնը: Վերանորոգուեցան Ամանոսի, Ժիպէյլի եւ Արագածի ժողովրդային տուները: Բացումը կատարուեցաւ Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» վերանորոգուած կեդրոնին:

Եւ դեռ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը օժտուեցաւ «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահով, իսկ երկու շաբաթ առաջ` «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» պասքեթպոլի եւ մինի ֆութպոլի փակ դաշտերով: Մինչ Այնճարի մէջ հիմնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի նոր մարզահամալիր` «Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան» արդիական մարզադաշտով:

Հայաստանի մէջ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները ունեցան իրենց սեփական բանակավայրը` «Սերժ Գալուստեան» անունով: Բանակավայրին գնումը կարելի դարձաւ հանգուցեալ Սերժ Գալուստեանի հարազատներուն եւ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին ջանքերով:

Ա՛չք պէտք է ունենալ այս բոլորը տեսնելու համար, ականջ` այս բոլորին մասին լսելու համար:

Բայց, եկէք, շարունակենք մեր հաշուետուութիւնը:

Տասնմէկերորդ. Անցնող ինը տարիներուն Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը անմիջական ներկայութիւն եղաւ Հայաստանի մէջ, իսկ Հայաստանն ալ` Դաշնակցութեան մէջ: Երիտասարդականը տարեկան կազմակերպեց «Անուշ հայրենիք» ճամբարներ, ուսանողականը` «Քաշաթաղը իմ տունն» աշխատանքային գործուղումներ: Պատանեկանը բանակում կատարեց Քանաքեռաւանի մէջ, մինչ «Արցախ ֆոնտ»-ին շնորհիւ` տարեկան քանի մը տասնեակ աշակերտներ մասնակցեցան Արցախի «Ասպետ» ռազմահայրենասիրական ճամբարներուն:

2016-ին, արցախեան քառօրեայ պատերազմին, Դաշնակցութեան Լիբանանի քարոզչական մարզի ներկայացուցիչները լիբանանցի իրեն գործընկերներուն ուղեկցեցան մինչեւ ճակատային առաջին դիրքեր` ազերիական տեղեկատուական պատերազմը տեղւոյն վրայ մղելու եւ իրականութիւնները հարազատօրէն արաբական աշխարհին սեփականութիւնը դարձնելու համար:

Պատահեցաւ նաեւ հակառակը, այն, որ Դաշնակցութեան հրաւէրով քառօրեայ պատերազմի նահատակներու ծնողներ հրաւիրուեցան Պէյրութ` նահատակութեան գերագոյն արժէքին մասին իրենց վկայութիւնները տալու համար լիբանանահայութեան:

Տասներկրորդ. եկէք` անկեղծ ըլլանք եւ խոստովանինք, որ Դաշնակցութենէն բացի` ո՞վ յիշեց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին լիբանանահայ նահատակները: Պատերազմի բռնկումի 40-ամեակին առիթ, Դաշնակցութիւնն է, որ շրջան առ շրջան յիշեց հայութեան բոլո՛ր նահատակները, ժողովրդային տուներու մէջ յատուկ յուշատախտակներ կանգնեցուց անոնց յիշատակին` նոր սերունդին փոխանցելով ազգային մարտունակութեան եւ հպարտութեան գերագոյն վկաներուն վսեմագոյն օրինակները:

Դաշնակցութեան հրաւէրին ընդառաջելով` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը անձամբ այցելեց նահատակաց յուշարձան եւ հայրենի պետութեան անունով գլուխը խոնարհեց անոնց յիշատակին, որոնք իրենց նահատակութեամբ բարձր պահեցին մեր գլուխները, համայն հայութեան պատիւն ու արժանապատուութիւնը:

Տասներեքերորդ. «Դաշնակցութիւնը ի՞նչ կ՛ընէ կոր…» ըսողներուն բանա՞նք Արցախի ի նպաստ կուսակցութեան կատարած աշխատանքներուն տետրակը: Դարձնե՞նք անոր էջերը, «Նոր կեանք նոր յոյս» ծրագիրէն մինչեւ «Գոյք Արցախի համար»: Արցախեան շաբաթներու կազմակերպումէն մինչեւ արցախցի կանանց համագործակցականի ստեղծում:

Ինը տարուան մէջ շուրջ մէկ միլիոն ամ. տոլարի օժանդակութեան մասին է մեր խօսքը: Տետրակը նեղ կու գայ բոլոր հաշիւներուն: Տետրա՜կը, տետրակնե՛րը չեն բաւեր նիւթականի կողքին ներկայացնելու նաեւ քարոզչական, դաստիարակչական եւ գաղափարական այն նկատառելի աշխատանքը, որ Արցախի ի նպաստ կը կատարուի պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական շարքերու մէջ, դպրոցներէն մինչեւ համալսարաններ, ակումբներէն մինչեւ մարմնակրթական եւ մշակութային միութիւններ: Համայնք մը ամբողջ Արցախով կը շնչէ, Արցախով կ՛ապրի, Արցախով կը տագնապի` շնորհիւ Դաշնակցութեան եւ անոր տեղեկատուական միջոցներուն` «Ազդակ»-ին ու «Վանայ Ձայն»-ին, որոնք իրենց պարտականութիւնն է որ կը կատարեն հաւատքով, համոզումով եւ քաղաքական-գաղափարական խոր գիտակցութեամբ:

Տասնչորրորդ. Ըսէ՛ք մեզի, անկեղծօրէն, Լիբանանի մէջ (եւ ոչ միայն Լիբանանի մէջ) դաշնակցութիւն եւ Հայ դատ կարելի՞ է անջատել իրարմէ: Անցնող ինը տարիներուն ո՞վ Հայ դատի աշխատանք տարաւ Լիբանանի մէջ, եթէ ոչ` Դաշնակցութիւնը: Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակին կողքին, անցնող շաբաթներուն ստեղծուեցաւ նաեւ Հայ դատի Պէյրութի գրասենեակը` իբրեւ կարիքի ու պահանջի արդիւնք:

Դաշնակցութիւնը Հայ դատի ի նպաստ կատարեց այս գաղութի պատմութեան մեծագոյն հանգանակութիւնները: Դաշնակցութեան հրաւէրին ընդառաջելով` լիբանանահայ գործարարներ մասնակցեցան նաեւ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի հանգանակային ընթրիքներուն` Տուպայի եւ Փարիզի մէջ, մեծագումար նուիրատուութիւններով նպաստելով Հայ դատի ընդհանրական ծրագիրներու յաջողութեան: Դեռ չենք խօսիր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ Արցախին համար կատարուած ռատիոթոններուն մասին, որոնք անցնող ինը տարիներուն կազմակերպուեցան Դաշնակցութեան կարեւոր ներդրումով եւ լիբանանահայութեան լայն մասնակցութեամբ:

Տասնհինգերորդ. Դաշնակցութեան գործին ու խօսքին հանդէպ թերահաւատները ինչո՞ւ կ՛ամչնան յիշելու, որ լիբանանահայութեան քաղաքական կամքին հարազատ ներկայացուցիչը եղած է ու կը մնայ Դաշնակցութիւնը: Լիբանանի մէջ կազմուա՞ծ է կառավարութիւն մը առանց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչի, բացի եթէ Դաշնակցութիւնը ի՛նք նպատակայարմար չէ գտած կառավարութեան մը իր մասնակցութիւնը: Եղա՞ծ է պետական նշանակում մը, որուն համար Դաշնակցութեան թեկնածուն կամ թեկնածուները նկատի առնուած չըլլան այլոց թեկնածուներու կողքին: Անշուշտ, եթէ այլոք թեկնածուներ ունեցած են: Երկրորդ հայ դեսպանի մը նշանակումը, Ա. կարգի հայ պաշտօնեայի մը, նաեւ Լիբանանի ընկերային եւ տնտեսական խորհուրդին մէջ հայերու նշանակումները կատարուեցան Դաշնակցութեա՛ն ջանքերուն շնորհիւ, քաղաքական մեր ներկայութիւնը այս երկրին մէջ ամրապնդելու եւ, իբրեւ եօթներորդ համայնք, քաղաքացիական մեր իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն լիիրաւ կերպով տէր կանգնելու համար:

Չերկարենք:

Մենք թուեցինք հաշուետուութեան 15 կէտ: Կրնանք թուել 15 թէ 30 կէտ եւս: Բայց ի՞նչ օգուտ: Եթէ մարդիկ որոշած են չտեսնել, չլսել ու չխօսիլ, 150 կէտ ալ թուենք, անիմաստ է:

Արեւը ամէն օր կը ծագի, մարդիկ ուզեն թէ չուզեն, սիրեն կամ չսիրեն: Արեւու ճառագայթները կարելի չէ պահել, թաքցնել: Ճառագայթներուն ջերմութիւնը կը հասնի բոլորին: Ոմանք կ՛ուրախանան անով, փառք կու տան, որ ան կայ եւ կը լուսաւորէ մեզ: Իսկ ուրիշներ չեն ուզեր տեսնել զայն, իսկ եթէ տեսնեն իսկ, կը դժգոհին անոր ջերմութենէն, տաքութենէն:

Դաշնակցութիւնը հայ կեանքի արեւն է, որ աշխարհի չորս ծագերուն կը ծագի 128 տարիէ ի վեր, ամէն օր: Անոր ճառագայթները կը հասնին աշխարհասփիւռ հայութեան` նոր կեանք, նոր յոյս ու նոր լոյս պարգեւելով բոլորին:

Ի զուր չէ, որ տակաւին դար մը առաջ հայ մարդը երգած է` «Անմար մնայ մեր գլխին ՀՅԴ-ի արեւը»:

Հայ մարդը այդ երգը երգած է, որովհետեւ հաւատացած է այդ արեւուն անխափան ներկայութեան: Իր կեանքը լուսաւորած է անոր ճառագայթներով: Ապրած ու մեծցած է անոր բարիքներով:

Մենք ալ, մեր կարգին, այդ երգը կը նուիրենք «Ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը ի՛նչ կ՛ընէ կոր…» ըսողներուն`, մաղթելով, որ օրին մէկը անոնք ալ բաց աչքերով կը տեսնեն այդ արեւը եւ հաշուի կը նստին անոր կենարար զօրութեան հետ, նոյնիսկ եթէ… չհանդուրժեն անոր ներկայութիւնը:

 

 

 

 

«Մեր Սիմոն»-ին Անհաւատալի Մեկնումը (Սիմոն Պետրոսեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

$
0
0

Քառասուն օրեր առաջ «Մեր Սիմոնը» կանխահասօրէն հրաժեշտ տուաւ իր ընտանիքին, հարազատներուն, ընկերներուն ու բարեկամներուն:

Ինչպէս կարելի էր, որ անսպառ եռանդով լեցուն այս երիտասարդ տղան անակնկալ սրտի կաթուածի մը պատճառով հեռանար անվերադարձ:

Դժուար է հաշտուիլ Սիմոնի կորուստին հետ, երբ ան համակ եռանդ ու խանդավառութիւն էր իր առօրեային մէջ:

Ընկերային ու զուարթախոհ, բարեկամ էր բոլորին, մեծին ու փոքրին:

Ան հայութեան ու հայրենիքի հանդէպ անվերապահ սէր ու հաւատք ունէր, եւ այդ սէրն էր, որ զինք մղեց երթալու Արցախ ու միանալու հայ ազատամարտիկներուն:

Այո՛, քառասուն օրեր անցած են արդէն, սակայն տակաւին չենք հաշտուած այն դառն իրականութեան հետ, որ Սիմոնին նման եռանդուն ու կեանքով լեցուն անձ մը անժամանակ բաժնուած է իր միջավայրէն:

Թէեւ, իբրեւ քրիստոնեայ, պէտք է հաւատանք, որ մահը կեանքի շարունակութիւն է, սակայն ցաւը խոր է ու ցնցիչ:

Սիրելի՛ Սիմոն, դժուար է հաւատալ, որ ալ պիտի չվայելենք քու ներկայութիւնդ, դժուար է հաւատալ, որ մեր հաւաքներուն քեզ պիտի յիշենք անցեալ ժամանակով, եւ շատ դժուար է , որ ստիպուած ենք մենք զմեզ սփոփելու եւ յաճախ կրկնելու՝ «Աստուած հոգիդ լուսաւորէ»:

Վստահ եղիր, որ յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ:

Հանգիստ աճիւններուդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Սիմոն:

Սգակիր հարազատ մը`
Մ. Թ.

Բարի Եւ Քաջ Հովիւը. Գուրգէն Քհնյ. Յովհաննէսեանի Վախճանման Քառասունքին Առիթով

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Հօրմէն ելայ եւ աշխարհ եկայ
եւ այժմ կը ձգեմ աշխարհը եւ հօրը կ՛երթամ»
Աւետարան ըստ Յովհաննէսի 16:28

Մեր Փրկիչը` Յիսուս Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան վերջին փուլին, նախքան համբառնալը, յորդորեց իր առաքեալները՝ աւետարանը քարոզել, աշակերտել բոլոր հեթանոսները եւ մկրտել Հօրը, Որդիին եւ Ս. Հոգիին անունով: Առաքեալները, հաւատարիմ` իրենց վարդապետին պատուէրին, շարունակեցին Քրիստոսի առաքելութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն: Սակայն իրենց ծաւալուն աշխատանքը կիսատ պիտի մնար, եթէ չձեռնադրէին սարկաւագներ, քահանաներ, վարդապետներ, եպիսկոպոսներ, կաթողիկոսներ, որոնք պիտի շարունակէին քրիստոնէութեան տարածման նուիրական աշխատանքը:

Այս առումով,  ձեռնադրուած բոլոր ընծայեալները Աստուծոյ հաշուետու են եւ դարերէն եկող մեր հաւատքին եւ Քրիստոսի ուսուցումներուն հաւատարիմ պէտք է մնան` ծառայելով Աստուծոյ եկեղեցւոյ ճամբով: Ի զուր չէ, որ Նոր կտակարանին մէջ գրուած է, որ քահանաները Աստուծոյ դեսպաններն են:

Քառասուն օրեր առաջ լիբանանահայ գաղութը եւ ի մասնաւորի Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին կորսնցուցին եկեղեցւոյ նախկին հոգեւոր հովիւ Գուրգէն քհնյ. Յովհաննէսեանը: Ան ծնած է Լիբանան, 1941-ին: Աւազանի անունով` Յովհաննէս: Ամուսնացած է Ժոզեֆին Թշիկեանին հետ եւ բախտաւորուած է երկու մանչերով: Քահանայ ձեռնադրուած է 6 փետրուար 1975-ին` ձեռամբ  Լիբանանի թեմի նախկին առաջնորդ լուսահոգի Տաճատ արք. Ուրֆալեանի եւ վերանուանուած` տէր Գուրգէն: Ապա ան կը մեկնի Իրան: Քահանայ հօր եւ երէցկինին հոգիները կը փոթորկին, որովհետեւ անակնկալ անհանգստութեան պատճառով կը կորսնցնեն իրենց անդրանիկ զաւակը: Տէր Գուրգէն կը փոխադրուի Ուրուկուէյ:

1982 թուականին յունիս ամսուն Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քահանան կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր անակնկալօրէն կը վախճանի: Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Արամ արք. Քէշիշեանի (այժմ` կաթողիկոս) տնօրինութեամբ տէր Գուրգէն կը նշանակուի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ: Ան անշահախնդիր նուիրումով եւ անարծաթ կը ծառայէ այս եկեղեցւոյ մէջ` հասնելով շրջանի ժողովուրդի կարիքներուն: Ան պատնէշի վրայ մնաց եւ ժողովուրդին կողքին եղաւ պատերազմի թէժ տարիներուն: Եկեղեցին երբ փլեցին եւ նոր կառոյցով մը օժտելու հրամայականին դիմաց էր, տէր Գուրգէն համագործակցութիւն ցուցաբերեց յաջորդական թաղական խորհուրդներուն եւ շրջանի պատկան մարմիններուն հետ, որպէսզի կառուցումը արագ ընթանայ եւ շրջանի ծխայինները կարենան տաճարին մէջ զԱստուած փառաբանել: Իր քահանայական ծառայութեան առընթեր ան ձեռնհասօրէն վարեց Լիբանանի թեմի կրօնական դաստիարակութեան խորհուրդի եւ Լիբանանի թեմի կրօնական ժողովի ատենադպիրի պաշտօնները: Ան պատրաստեց նաեւ եկեղեցւոյ 80-ամեայ յուշամատեանը: Մինչեւ 2013 թուական մնայուն ներկայութիւն եղաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ` աղօթելով, քարոզելով Աստուծոյ խօսքը եւ ժողովուրդը կառչած պահելով եկեղեցւոյ:

2013-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Գուրգէն քահանային լանջախաչ եւ ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք շնորհեց: Այս իրաւասութիւնը տրուեցաւ Լիբանանի թեմի նախկին առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին կողմէ:

Իր կեանքի բնորոշիչ յատկանիշներն են` ծառայասիրութիւն, բծախնդրութիւն, ողորմածութիւն, համեստութիւն, ազգասիրութիւն, եկեղեցասիրութիւն: Ըլլայ Նորաշէնի մէջ, ըլլայ Ռաուտայի եւ Ֆանարի մէջ սիրուած էր քահանան իր նուիրական ծառայութեան համար եւ աղքատներուն օգտակար դառնալու առումով:

Գուրգէն քահանան իր աչքերը յաւիտենականութեան մէջ փակեց Աւագ հինգշաբթի, 29 մարտ 2018-ին: Վերջին օծման եւ թաղման կարգը կատարուեցաւ Աւագ շաբաթ, 31 մարտ 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:

Իր ծառայական կեանքը կը մնայ մեզի իբրեւ յուշ եւ յիշեցում մեր քրիստոնէական կեանքը զարդարելու սիրով, ծառայութեամբ եւ ողորմածութեամբ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

 

 

Ընտրական Քրոնիկ. Իմ Քուէս` Գաղութահայ Կեանքի Վերականգնման (Դ.)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  

Դժբախտաբար, կ՛ապրինք շրջապատի մը մէջ, ուր թեթեւսոլիկութիւնն ու սնամէջ խօսքերը դարձած են ամէնօրեայ «ճաշացուցակ»: Աւելի՛ն. Լիբանան երկրի քաղաքական հարթակը իր բոլոր արտայայտութիւններով այլեւս դադրած է իր գրաւչութենէն, ոչ մէկ ազգային-գաղափարական յենարան ու ապագայակերտ ռազմավարութիւն ունի:

Ինչո՞ւ, որովհետեւ իր անկախութենէն աւելի քան 70 տարի անց, անիկա տակաւին գոյութիւն ունի իբրեւ աշխարհագրական տարածք եւ ոչ թէ իբրեւ կայացած պետականութիւն, հայրենիք: Հայրենիք, որ էապէս պաշտպանուած ըլլայ պետական առողջ համակարգով, քաղաքական մտքի հասունութեամբ եւ մշակութաստեղծ կուռ ժողովուրդով, ուր սերունդներ պիտի կարենան ապրիլ խաղաղօրէն, շնչել ազատութեան մէջ եւ ատակ ըլլան կերտելու իրենց ներկան ու ապագան:

Սա անարգական խօսք պէտք չէ նկատել, որքան` իրապաշտ մօտեցում: Ասիկա չի ստորագնահատեր բոլոր այն մարդոց` պետական-քաղաքական այրերու, գրող-մտաւորականներու, մշակոյթի եւ արուեստի հաւատաւոր սպասարկուներու, նոյնիսկ` ազնուահոգի, աշխատասէր ու նուիրեալ  անհատ-հաւաքականութիւններու կատարած հայրենակերտ ու արժանահաւատ գործերն ու տքնաջան աշխատանքը:

Արդարեւ, ամէն քայլափոխի ու պատեհ առիթի պէտք է արձագանգել, որ լիբանանահայը իր անգնահատելի ներդրումը բերած է Լիբանան հայրենիքը կերտելու եւ անոր երկնակամարին տակ արժանահաւատօրէն ապրելու` իբրեւ պարտաւորութիւններու տէր գիտակից քաղաքացի:

Այդուամենայնիւ, երբ կ՛ակնարկենք յետպատերազմեան Լիբանանին, երբ կ՛անդրադառնանք, որ համայնքայնութիւնն ու փտածութեան վարակը դեռ եւս կը շարունակեն իրենց աւերները գործել, երբ ականատես կ՛ըլլանք մարդակեր շրջապատի մը գոյութեան, երբ ակնյայտօրէն կը շօշափենք քաղաքական թէ տնտեսական կեանքի յափշտակութիւնը, դիմացինի անտեսումն ու վարկաբեկումը, ուստի, իբրեւ լիբանանահայութիւն պարտաւոր պէտք է զգանք շտապ լծուելու ներհայկական կեանքի բարեկարգման, ուժերու համախմբման եւ դիմագիծի պահպանման:

Այլ խօսքով, մենք քաջաբար հաւատացողն ենք, որ ազգային մեր կառոյցները, անխտի՛ր, կրնան վերականգնիլ եւ շարունակել իրենց առաքելութիւնը, եթէ երբեք ցոյց տանք միասնական ոգիի բարձրագոյն արտայայտութիւնը:

Գաղտնիք չէ, որ հայաբոյր մեր կառոյցները` դպրոց, եկեղեցի, ակումբ թէ մշակութային կեդրոն, իրենց գոյութիւնը կը պարտին հայութեան, ամբողջ հայութեան, որ իր ուսերուն շալկած մեր հարցերն ու մտահոգութիւնները, կը շարունակէ թիկունք կանգնիլ, յանուն սերունդներու պաշտպանութեան ու գոյատեւման:

Այսօր լիբանանահայութիւնը իր կարգին կը դիմագրաւէ ամէնէն դժուար օրերը:

Մեր ընելիքը պաշտպանական համակարգի ստեղծումն է: Այլ խօսքով` ինչպէս տարբեր համայնքներ ու յարանուանութիւններ վաղուց լծուած են նմանատիպ աշխատանքի ձեւաւորման եւ կատարման, մենք` իբրեւ լիբանանահայութիւն, թէեւ յապաղած ենք, այդուամենայնիւ պարտաւոր ենք այդ ուղղութեամբ ո՛չ միայն մտածել, այլեւ շուտափոյթ նախաձեռնել, որովհետեւ այս եւ յառաջիկայ տարիները, ստեղծուած անախորժ քաղաքական ու տնտեսական գործընթացները, յստակ նշումներ պէտք է փոխանցեն բոլորիս, այլապէս ահազանգ հնչեցնեն ապագայի հաշուոյն:

Իբրեւ լիբանանահայութիւն իրաւունք չունինք շռայլութեամբ եւ միմոսութեամբ պարուրելու մեր կեանքը, երբ անդին անթիւ հայ ընտանիքներ, աշակերտներ, ուսանողներ թէ աշխատաւորներ պէտք ունին բոլորիս աջակցութեան: Այլ խօսքով` պէտք է անյապաղ մտածել, նկատի ունենալով երեսփոխանական գրասենեակի արդիւնաւէտ եւ օգտաշատ գործունէութիւնը, ստեղծելու քանի մը երեսփոխանական գրասենեակներ, ի հարկին ամբողջ Լիբանանի տարածքին, ուր հայութիւն գոյութիւն ունի, որպէսզի թեւ ու թիկունք դառնանք անոնց, մասնաւորաբար պետական կարգի օժանդակութիւններ յանձանձելու: Արհեստավարժութիւն եւ փոխադարձ վստահութիւն. վերջ:

Միւս կողմէ, ո՛չ ոք կրնայ ուրանալ հայկական կուսակցութիւններուն մատուցած ծառայութիւնները, ընկերաբժշկական, բարեսիրական թէ մշակութային կառոյցներու ցուցաբերած նպաստը, այդուհանդերձ, լիբանանահայութիւնը ծով կարիքը ունի նախ եւ առաջ բարոյահոգեբանական, ապա` նիւթական օժանդակութիւններու, որպէսզի սփիւռքի սիրտը վերստին կարենայ շնչել ու շնչաւորել, ապրիլ ու ապրեցնել:

Ահաւասիկ յանձնառութիւնը, որուն մասին կը գրենք ու որմէ կ՛ակնկալենք:

Ահաւասիկ մեր քուէին իմաստն ու տարողութիւնը, որուն ականջալուր պէտք է ըլլան մեր թեկնածուները, մեր ապագայի պետական գործիչները:

18 ապրիլ 2018

Հայ Առաջին Հանրապետութեան Անկախացման 100-ամեակի Առիթով

$
0
0

Հայ ազատագրական շարժման եւ անկախութեան գաղափարի յղացման ու տարածման նախակարապետները ԺԸ.րդ դարուն առաւելաբար կեդրոնացած էին Հնդկաստանի երկու քաղաքներու` Կալկաթայի եւ յատկապէս Մատրասի մէջ, ուր հրատարակեցին նաեւ շարք մը պարբերականներ ու յատկանշական գիրքեր: Ստորեւ կու տանք անոնցմէ ոմանց հակիրճ կենսագրականը, իսկ Շահամիր Շահամիրեանի մասին (որ կարեւորագոյնը կը թուի ըլլալ) յաջորդին կը հրատարակենք համեմատաբար ընդարձակ յօդուած մը, ուր աւելի լայն ծիրին վրայ կը քննարկուի այս շարժման դրդապատճառներն ու նպատակները:

«Ա.»

Մատրասի հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանը

Յովսէփ Էմին

1751-1759 թուականներին բնակուել է մեծ Բրիտանիայում, ուր ուսումնասիրել է ռազմարուեստ եւ լէյտենանտի կոչումով մասնակցել է ֆրանսացիների դէմ անգլիացիների ռազմական գործողութիւններին:

Հնդկահայ գաղութում ազատագրական շարժման առաջին մունետիկը եղաւ Յովսէփ Էմինը: Նրա նախնիները Հայաստանից Պարսկաստան էին տարուել շահ Աբաս Ա.ի ժամանակ: 1759 թուականին Էմինը եկել է Հայաստան, ուր փորձել է կազմակերպել հայերի ապստամբութիւնը թուրքերի դէմ: 1761 թուականին բանակցութիւններ էր վարել ռուսական կառավարութեան հետ Ս. Փեթերսպուրկում, որպէսզի ռուսները օգնութիւն տրամադրեն հայ ազատագրական պայքարին: Վրաստանում գտնուելիս 1763 թուականին փորձել է Թուրքիայի դէմ պայքարի մէջ ներգրաւել Հերակլ Բ. վրաց թագաւորին, բայց օգնութիւն չստանալով նրանից, ինչպէս նաեւ հայկական կաթողիկոս Սիմէոնից` Վրաստանից 1764 թուականին մեկնել է Ղարաբաղ, Մելիք Յովսէփի մօտ: Արցախում նայ մասնակցել է Մահմուտ Շահի դէմ մարտին` պաշտպանելով Գետաշէնը:

1770 թուականից Յովսէփ Էմինը բնակուել, մահացել ու թաղուել է Կալկաթայում:

Մատրասի հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցին

Մատրասի հայկական եկեղեցւոյ սրբանկարներէն նմուշ մը

Իր կեանքի պատմութիւնը Յովսէփ Էմինը գրի է առել 1792 թուականին Լոնտոնում տպագրուած , հայազգի Յովսէփ Էմինի կեանքը եւ արկածները, որը ինքն է գրել անգլերէն լեզուով» («The Life and Adventures of Joseph Emin an Armenian, written in English by himself») գրքում:

Յովսէփ Էմինի գործունէութեանն է նուիրուած արձակագիր Էդուարդ Աւագեանի երկու հատորից բաղկացած «Մի կեանքը քիչ է» վէպը, որը լոյս է տեսել 1979-1980թուականներին:

Մովսէս Բաղրամեան, 18-րդ դարի հայ ազատագրական մտքի ակնառու ներկայացուցիչ, որը յատկապէս յայտնի դարձաւ իր  «Նոր տետրակ, որ կոչի յորդորակ» (Մատրաս, 1772 թ.) գրքոյկով` հայ իրականութեան մէջ առաջին քաղաքական հրապարակախօսական տպագիր աշխատութիւնը:

Մովսէս Բաղրամեանը հաւանաբար առաջին անգամ իր ծննդավայրում` Արցախում է հանդիպել Յովսէփ Էմինին, որը Անգլիայում ռազմական կրթութիւն էր ստացել նպատակ ունենալով Հայաստանում ազգային զինուած ուժեր ստեղծել: Հետագայում 1770 թ. նրանք երկուսով մեկնում են Հնդկաստան, որտեղ Մովսէս Բաղրամեանը դառնում է Մատրասի հայրենասիրական խմբակի պարագլուխներից մէկը եւ շահամիր Շահամիրեանի ամենամտերիմ գործակիցը:

Նրանք երկուսով նամակագրական աշխուժ կապեր են հաստատում Արցախի մելիքների, վրաց թագաւորների, Էջմիածնի եւ Գանձասարի կաթողիկոսների Ռուսաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Յովսէփ Արղութեանի, իշխան Յովհաննէս Լազարեանի եւ շատ ուրիշների հետ:

Հայրենասիրական խմբակի երեք պարագլուխները` Մովսէս Բաղրամեանը, Յովսէփ Էմինը եւ Շահամիր Շահամիրեանը ազատագրական-հայրենասիրական քարոզչութիւն են սկսւում` ոգեշնչելով Մատրասի հայերին: Նրանք համոզեցին հնդկահայ այլ գործիչների եւս, որ առանց ժողովրդի լայն աջակցութեան` Հայաստանի ազատագրութեան գործում հնարաւոր չէ հասնել յաջողութեան: Հետեւաբար անհրաժեշտ է միաւորել հայ երիտասարդութեանը, նրանց դաստիարակել հայրենասիրութեան եւ ազգային արժանապատուութեան ոգով:

Հայ ժողովրդի լայն շրջաններում ազգային գիտակցութիւնը բարձրացնելու նպատակով վաճառական եւ մեծահարուստ Շահամիրեանի միջոցներով 1771 թ. Մատրասում բացւում է տպարան: 1772 թ. այս տպարանում լոյս է տեսնում Մովսէս Բաղրամեանի «Նոր տետրակ, որ կոչի յորդորակ» գիրքը:

Գրքում ներկայացուած են հայ ժողովրդի հերոսական անցեալը, նրա աշխարհագրական լայն սահմանները, եւ դրանց հակադրւում է առկայ վիճակը, երբ երկիրը շահագործւում է օտարների կողմից, Հայաստանը աստիճանաբար հայաթափ է լինում:

Գիրքը կոչ է անում հայ երիտասարդներին դուրս գալ օտար բռնակալների դէմ եւ զէնքի ուժով հասնել ազատութեան: Եկել է ժամանակը, որպէսզի հայերն ունենան իրենց սեփական պետութիւնը: Այդ պետութիւնը Բաղրամեանը կոչում է «Մեծ Հայաստան», որը պիտի ընդգրկէր պատմական Հայաստանի բոլոր երկրամասերը, այդ թւում` Կիլիկիան:

Վերագտնելու համար մեր «հայրենիքը Այրարատեան», նա կարեւորում էր երեք պարագայ.

– Ազգային գիտակցութիւն
– Զինուորականութիւն
– Եւրոպական կրթութիւն

«Նոր տետրակը» ապացուցում էր, որ հայ պետականութեան անկման գլխաւոր պատճառը երկրի կառավարութեան միապետական ձեւն էր. մէկ մարդը ի վիճակի չէ անսխալ կառավարել, իսկ թագաւորի սխալը դժբախտութիւն է երկրի համար: Ուստի վերականգնուած հայոց պետականութիւնը այլեւս պիտի չլինէր միապետական, համոզուած էր Բաղրամեանը: Դրա փոխարէն` նա առաջարկում է ստեղծել սահմանադրութիւն եւ երկիրը կառավարել ընտրովի ներկայացուցիչների կողմից:

«Նոր տետրակի» օրինակները ուղարկւում են Էջմիածնի Սիմէոն կաթողիկոսին, Գանձասարի Յովհաննէս Հասան-Ջալալեանին, վրաստանի Հերակլ Բ. թագաւորին: 1786 թ. այն թարգմանւում է ռուսերէն եւ լոյս է տեսնում Փեթեսպուրկում: Իսկ այնուհետեւ թարգմանւում է նաեւ վրացերէն:

«Նոր տետրակին» յաջորդում է Շ. Շահամիրեանի «Որոգայթ փառացը» (1773 թ.): Այս գիրքը, որին իր մասնակցութիւնն է ունեցել նաեւ Մովսէս Բաղրամեանը, նոյնպէս քննադատում էր միապետութեան վերականգման այդ ժամանակուայ շատ քաղաքական մտածողների ձգտումները: «Որոգայթ փառացը» պարունակում էր պետականութեան կառավարման համար օրէնքների ժողովածու` սահամանադրութիւն, որը պէտք էր կիրառուէր հայոց հայրենիքը օտար լծից ազատագրելուց յետոյ:

Ըստ «Որոգայթ փառացի» պետութեան բարձրագոյն օրէսնդիր մարմինը պէտք է լինէր «Հայոց տունը»` կազմուած ժողովրդի կողմից ընտրուած պատգամաւորներից: «Հայոց տունը» պէտք էր ստեղծէր գործադիր իշխանութիւն (կառավարութիւն): Այդ նպատակով փոխանորդներից պէտք էր ընտրուէին 13 հոգի, որոնցից մէկը վիճակահանութեամբ կարող էր դառնալ նախարար, իսկ միւսները` նախարարի խորհրդակիցներ: Նախարարը լինելու էր օրէնքների առաջին կատարողը եւ զօրքերի գլխաւոր հրամանատարը:

Ստանալով «Նոր տետրակի» օրինակները` կաթողիկոս Սիմէոն Երեւանցին իր նամակներում զգուշացնում էր Մովսէս Բաղրամեանին, որ հայ երիտասարդները կարող են անժամանակ ապստամբութիւն բարձրացնել: Մովսէս Բաղրամեանի ազատական մտքերը, ըստ կաթողիկոսի, գուցէ կարող են օգտակար լինել քիչ թէ շատ քաղաքական ապահովութիւն ունեցող եւրոպացիների համար, որոնց ջատագովում է Բաղրամեանը, սակայն սահմանադրութիւն չճանաչող խանութիւնների ու սուլթանութիւնների լծի տակ գտնուող հայերի համար դրանք միայն վտանգաւոր կարող են լինել:

Կաթողիկոսի եւ Մովսէս Բաղրամեանի միջեւ լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին է հասնում «Որոգայթ փառացի» հրատարակութիւնից յետոյ: Սիմէոն Երեւանցին որոշում է խիստ միջոցների դիմել. նա հրամայում է հաւաքել ու այրել ,նոր տետրակի օրինակները, փակել տպարանը եւ հեռացնել Մովսէս Բաղրամեանին: Սակայն այս ամէնը չկասեցրեց գրքի տարածումը:

Խոճաջանեան, Չաքիկենց, Չաքիկեան, Գրիգոր Միքայէլի (ծն. եւ մահ. թթ. անհտ.), 18-րդ դարի երկրորդ կէսի հայ ազատագրական շարժման եւ մշակութային գործիչ, մատրասի խմբակի ղեկավարներից, հայ տպագրութեան երախտաւոր:

Ծնուել է Նոր Ջուղայում (Իրան), սովորել` տեղի հայկական առեւտրական դպրոցում: Հետագայում ընտանիքով տեղափոխուել է Պասրա (այժմ` Իրաքում): Վաճառական հօր գործերով անցել է Հնդկաստան, առեւտրական խոշոր գործառնութիւններ կատարել Իրանի, Թուրքիայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի երկրների հետ` դառնալով հնդկահայ խոշորագոյն խոճաներից: Ժամանակակիցներից ստացել է «Խոճաջանեան» պատուանունը, որ յետոյ փոխարինել է ազգանուանը:

Մասնակցել է հայ հասարակական կեանքի իրադարձութիւններին, մտերմական կապեր ունեցել ժամանակի ակնառու գործիչներ Սիմէոն Երեւանցու, Շ. Շահամիրեանի, Էմին Յովսէփի, Մ. Բաղրամեանի եւ այլոց հետ: Հայաստանի ազատագրման էմինեան ծրագրի (զօրախմբեր ստեղծել, զինամթերք հայթայթել եւ այլն) իրագործմանը (Գր. Խոճաջանեան) խոստացել է յատկացնել հարստութեան կէսը, պայմանաւ որ ծրագրին հաւանութիւն տայ կաթողիկոսը: Մասնակցել է Էմինին` հնդկահայերի տրամադրած 12.000 ռուփիի հանգանակութեանը, Մատրասի տպարանի հիմնադրմանը (1772), «Նոր տետրակ, որ կոչի յորդորակ», «Տետրակ ոչ կոչի նշաւակ», «Որոգայթ փառաց» քաղաքական-հրապարակախօսական երկերի նախնական մշակմանը:

1773 թ.-ին Շ. Շահամիրեանի հետ նամակ է գրել Սիմէոն Երեւանցուն եւ յորդորել նրան` միանալու Հայաստանի ազատագրութեան իրենց ծրագրին: Այն գործադրելու համար կաթողիկոսը պէտք էր միաբանեցնէր վրաց թագաւոր Հերակլ Երկրորդին Խամսայի մելիքների հետ, դիմէր ռուսական կայսրուհի Եկատերինա Երկրորդի օգնութեանը, տեղեկութիւններ հաւաքէր հայերի թուի մասին, հայ երիտասարդութեան մէջ տարածէր զինավարժութիւն: Իր հերթին կաթողիկոսը զգուշացրել է նրանց` հեռու մնալ այնպիսի գաղափարներից, որոնք կարող են գրգռել Հայաստանում օտար իշխողների վրէժխնդրութիւնը: Այնուհետեւ Խոճաջանեանը միջոցներ է տրամադրել 1771 թ.-ին կառուցելու Էջմիածնի տպարանը (միայն շէնքի կառուցմանը յատկացուել է 3106 ոսկի դրամ) եւ 1776 թ.-ին` թղթի գործարանը (7800 պարսկ. թուման): Խոճաջանեանը վարձել եւ Էջմիածին է ուղարկել ֆրանսացի թղթագործ վարպետներ Պէյսոնին ու Տեսիորին` հոգալով նրանց եռամեայ ծախսերը:

Խոճաջանեանի մասին յայտնի տեղեկութիւնները վերաբերում են մինչեւ 1789-1790 թթ.-ին: Մահացել եւ թաղուել է Մատրասում:

Լազարեաններ

Լազարեանները նշանաւոր տոհմ են Ռուսաստանում, մեծահարուստ բարեգործներ, հայ ազգային-ազատագրական շարժման, կրթամշակութային, հասարակական-քաղաքական, պետական, ռազմական գործիչներ: 1774 թ.-ին Եկատերինա Երկրորդ կայսրուհու հրամանագրով նրանց շնորհուել է ռուսական ժառանգական ազնուականի տիտղոս:

Լազարեանների նախնիները Նախիջեւանի Դաշտ գիւղից էին: Տոհմի անուանադիրը` Ղազարի որդի Խոճա Մանուկը, 1605 թ.-ին գաղթել է Սպահան, 1656 թ.-ին հաստատուել Նոր Ջուղայի Դաշտ թաղամասում: Լազարեանները կարեւոր դեր են ունեցել Նոր Ջուղա հայկական աւանի (ներկայումս` Սպահանի թաղամաս) հայոց կեանքում: Խոճա Մանուկի որդի Աղազարը Ս. Լուսաւորիչ վանքում կառուցել է կուսանոց եւ մի շարք շինութիւններ: Որպէս մեծահարուստ վաճառականներ` Լազարեաններն առեւտրական կապեր են ունեցել Ռուսաստանում եւ մեծ դեր խաղացել Պարսկաստանի տնտեսական կեանքում:

Աղազար Նազարէթի Լազարեանը  Լազարեանների ազնուականական տոհմի հիմնադիրն է Ռուսաստանում (1774 թ.): Եղել է Նոր Ջուղայի կառավարիչ: Յարութիւն ու Մանուկ եղբայրների հետ 1741 թ.-ին ստեղծել է ընկերութիւն եւ առեւտրական կապեր հաստատել Ռուսաստանի հետ: 1747 թ.-ին տեղափոխուել է Աստրախան, 1749 թ.-ին` Մոսկուա, որտեղ գնել եւ ընդարձակել է Ֆրեանովոյի մետաքսագործական գործարանը, որդու` Խաչատուրի կտակած միջոցներով կառուցել է տուել հայոց Ս. Խաչ եկեղեցին:

Յովհաննէս Աղազարի Լազարեանը հայ ազատագրական շարժման գործիչ էր, Ռուսաստանի իսկական պետական խորհրդական եւ արդիւնաբերող-կալուածատէր: Արքեպիսկոպոս Յովսէփ Արղութեանի հետ կազմել եւ ռուսական կառավարութեանն է ներկայացրել «Պրն. Իվան Լազարեւի նոթան» Ռուսաստանի հովանու ներքոյ հայ պետականութեան վերականգնման  ծրագիր:

Յովհաննէսի նիւթական միջոցներով դպրոցներ են բացուել` Թիֆլիսում, Նոր Նախիջեւանում, Գրիգորիուպոլսում, 1815 թ.-ին հիմնադրուել է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը, ռուսական օրիորդաց դպրոցը Ցարսկոյէ Սելոյում (այժմ` քաղաք Պուշկին), կառուցուել են հայկական եկեղեցիներ Ս. Փեթերսպուրկում ու Մոսկուայում: Յովհաննէս Լազարեանը 1768 թ.-ին Աւստրիայի Իոսիֆ Երկրորդ կայսրից ստացել է պարոնի, 1788 թ-ին` կոմսի տիտղոսներ:

Մինաս Աղազարի Լազարեանը Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Դանիէլ Ա. Սուրմառեցու հաւատարմատարն էր ռուսական արքունիքում: Հայ եկեղեցու կառավարումը բարեփոխելու նպատակով մշակել է կանոնադրութիւն (1808 թ-ին կաթողիկոսը վաւերացրել է), որի հիման վրայ հետագայում ստեղծուել է Սինոտը կամ Բարձրագոյն խորհուրդը:

Խաչատուր Աղազարի Լազարեանը (1741–74 թթ.) հասարակական գործիչ էր, բարերար: Նրա կտակով եւ թողած միջոցներով հայրը եւ Յովհաննէս եղբայրը 1779-81 թթ.-ին Մոսկուայի Հայկական նրբանցքում կառուցել են Ս. Խաչ եկեղեցին, որն աւերուել է 1930-ական թթ.-ին:

Յովակիմ Աղազարի Լազարեանը եղբօր` Յովհաննէսի կտակի համաձայն, հիմնադրել է Լազարեան ճեմարանը: Պաշտպանել է Հայ առաքելական եկեղեցու շահերն ու ինքնուրոյնութիւնը, միջնորդել է, որ ռուսական կառավարութիւնն անձեռնմխելի թողնի ռուսահայ գաղութներին նախկինում տրուած առանձնաշնորհներն ու արտօնութիւնները: Մոսկուայի Վականքովեան գերեզմանատանը կառուցել է Ս. Յարութիւն (այժմ` առաջնորդանիստ) եկեղեցին: Նրա նամակներն արժէքաւոր տեղեկութիւններ են պարունակում 18-րդ դարի վերջի եւ 19-րդ դարի սկզբի հայ հասարակական կեանքի վերաբերեալ:

Յովհաննէս Յովակիմի Լազարեանը (1786-1858 թթ.) եղել է Ռուսաստանի արքունի սենեկապետ (1836 թ.), իսկական պետական խորհրդական (1837 թ.), ծառայել է ռուսական կայսերական պահակագնդում, արտաքին գործերի նախարարութիւնում: 1815 թ.-ից ցկեանս Լազարեան ճեմարանի հոգաբարձուն էր: 1851 թ.-ին 60 հզ. ռուբլի է նուիրել ճեմարանի նախակրթարանի բացման համար: Նպաստել է Ալեքսանդր Խուդաբաշեանի հայ-ռուսերէն բառարանի (1838 թ.) տպագրութեանը:

Եղիազար Յովակիմի Լազարեանը ռուսական բանակի գնդապետ էր, 1826-28 թթ.-ի ռուս-պարսկական երկրորդ պատերազմի ժամանակ մասնակցել է Ատրպատականի գրաւմանը եւ Դեհկարխանի ու Թուրքմենչայի հաշտութեան բանակցութիւններին, եղել Թաւրիզի պարետ, 1828 թ.-ի փետրուարին նշանակուել է պարսկահայերի գաղթի կազմակերպիչ: Նոյն թուականին` Ներսէս Աշտարակեցու աքսորուելուց յետոյ, Եղիազարը Հայաստանում աշխարհազօր ստեղծելու եւ պետականութիւնը վերականգնելու մեղադրանքով արտաքսուել է Կովկասից: Վերադառնալով Ս.  Փեթերսպուրկ` թողել է զինուորական ծառայութիւնը:

Խաչատուր Յովակիմի Լազարեանը մեծ ջանքեր է գործադրել Արեւելեան Հայաստանը Ռուսաստանին միացնելու համար: Կազմել եւ ռուսական կառավարութեանն է ներկայացրել «Մի շարք առաջարկներ Վրաստանի եւ յարակից երկրամասերի մասին» ծրագիրը` առաջարկելով Ռուսական կայսրութեանը ենթակայ Հայաստանի տարածքում ստեղծել հայոց ինքնավար թագաւորութիւն: 1833-38 թթ.-ին Խաչատուրի յանձնարարութեամբ կազմուել եւ Մոսկուայում հրատարակուել է «Հայ ժողովրդի պատմութեան տեսութեանը վերաբերող աքթերի ժողովածուն» (ռուսերէն), որը հայ-ռուսական յարաբերութիւնների պատմութեան կարեւոր սկզբնաղբիւր է:

Խաչատուրի (1871 թ.) եւ Եղիազարի (1870-ական թուականներ) մահուամբ վերացել է Լազարեանների արական ճիւղը: 1873 թ.-ի կայսերական յատուկ հրամանագրով Լազարեանների ազգանունը փոխանցուել է Խաչատուր Լազարեանի դուստր Եղիսաբէթի ամուսնուն` իշխան Սիմէոն Դաւթի Աբամելիքին, եւ Աբամելիքներն անուանուել են Աբամելիք-Լազարեաններ (Աբամելիք-Լազարեւներ): Սակայն Սիմէոն Սիմէոնի Աբամելիք-Լազարեանի (1857-1916 թթ.) մահուամբ մարել է նաեւ Աբամելիք-Լազարեանների տոհմը:

 

Viewing all 12097 articles
Browse latest View live