Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Պզտիկ Գիրք Մը` Մեծ Դէպքերու Մասին. «Քեսապի Պզտիկ Հանրապետութիւնը – 1919-1922» Հեղինակ` Հայկազ Թրթռեան

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

2017-ի վերջերուն Հալէպի մէջ լոյս տեսած այս հատորին ծաւալը խաբուսիկ է. հեղինակը մօտաւորապէս 50 էջերու մէջ սեղմած է պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող դէպքեր, որոնք անջնջելի յիշատակներ ու հետքեր թողած են ո՛չ միայն մեր, այլ նաեւ Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ, Ա. Աշխարհամարտի օրերուն ու անոր յաջորդած տարիներուն:

Հայկազ Թրթռեանը Քեսապի զաւակ է. թէեւ կեանքին մեծ մասը ապրած է Քեսապէն դուրս, սակայն, գրեթէ բոլոր քեսապցիներուն պէս, ամուր կառչած է իր արմատներուն եւ, ահա, այս փոքրածաւալ գրքոյկով նորագոյն վկայութիւն մը կու տայ յանձնառու հայու իր նկարագիրին մասին: Տասնամեակներ շարունակ ուսուցչական ասպարէզին ծառայելով, ան հայրենասիրութիւն ներշնչած է իրերայաջորդ սերունդներու` առանց քողարկելու իր քեսապասիրութիւնը: Հատորը այլապէս հայելի մըն է այս յատկանիշներուն:

«Քեսապի պզտիկ հանրապետութիւնը» գիրքը խորքին մէջ յիշատակարան մըն է երկու մեծ իրադարձութիւններու, որոնց խորագիրներն են` Հայկական լեգէոնն ու Արարայի ճակատամարտը, եւ անոր յաջորդած` Քեսապի վերականգնումն ու թրքական թշնամանքին կազմակերպ դիմակայումը:

Յառաջաբանին մէջ հեղինակը կը հաստատէ, որ այս հատորով կը հետապնդէ հիմնական նպատակ մը. նոր սերունդներուն ու մասնաւորաբար երիտասարդութեան յիշեցնել, որ մեր պատմութեան մէջ ունեցած ենք յաղթանակի պանծալի դրուագներ, որոնք միայն անցեալին չեն պատկանիր, այլ անոնցմէ պատգամներ ու ժառանգութիւններ կը հասնին նաեւ այսօրուան սերունդներուն: Այլ խօսքով, ան նոր պատմութիւն չի հիւսեր, այլ մոռացութեան դարակներէն դուրս կը բերէ անմոռանալին:

Գիրքը ունի երկու գլխաւոր գլուխ. առաջինը` 5 ենթաբաժանումներով, հպանցիկ կերպով կը ներկայացնէ Ա. Աշխարհամարտի օրերուն, Անգլիոյ ու Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ, «Օտարերկրացիներու զօրաբաժին»-ին կազմութիւնն ու ճակատումներ. ֆրանսական բանակին կողքին կազմուած զօրամասը շուտով կոչուեցաւ «Հայկական լեգէոն»` իբրեւ օժանդակ գունդ` Միջին Արեւելքի` Պաղեստին-Սուրիա ճակատին վրայ Թուրքիոյ դէմ պատերազմող դաշնակից բանակներուն: Պատմութիւնը ծանօթ է. հայկական զօրաբաժինը, որ կ՛ընդգրկէր նաեւ փոքրաթիւ արաբներ, ապրեցաւ կազմաւորման եւ պատրաստութեան փուլերը, իր ճակատագրական դերը ունեցաւ Պաղեստինի մէջ` պարտութեան մատնելով թուրք-գերմանական բանակները` նախապէս անյաղթահարելի նկատուող Արարայի բարձունքին, որմէ ետք այս ճակատը փուլ եկաւ, ու դաշնակից ուժերը յառաջացան մինչեւ Թուրքիա: Քաջաբար կռուող հայերուն տրուած էր խոստում, որ Կիլիկիոյ մէջ պիտի ստեղծուի հայկական ինքնավար շրջան` ֆրանսական վերահսկողութեամբ, սակայն միւս երեսն ալ ծանօթ է` դաշնակից ուժերուն դաւաճանական թողլքումը եւ քեմալական Թուրքիոյ հետ սիրաբանութիւնը, որուն զոհ գնաց հայկական Կիլիկիան: Մինչ այդ, սակայն, լեգէոնականները, մասնաւորաբար` անոր մաս կազմած քեսապցիները, համախմբուեցան Քեսապի շրջանին մէջ ու կերտեցին ինքնիշխան կարճատեւ շրջան մը` պատուհասելով բռնատէր թուրքերը եւ ապահովութիւն ներշնչելով նաեւ շրջանի արաբներուն եւ յոյներուն: Ահաւասիկ այս ժամանակաշրջանին կ՛ակնարկէ հեղինակը` «պզտիկ հանրապետութիւն» ըսելով, եւ այդ դիպաշարին պատումը կը կատարէ երկրորդ բաժինով, ընդամէնը` 9 սեղմ ենթաբաժանումներով, ընթերցողին թելադրելով եզրակացութիւն մը, որ Սուրիոյ իշխանութեան տակ մնացող Քեսապը այդ օրերէն սկսեալ պահպանած է իր հայկականութիւնը: Հպանցիկ ակնարկութիւն մը կ՛ընէ Ալեքսանտրեթը Թուրքիոյ նուիրելու ֆրանսացիներու խարդաւանանքին, սակայն չ՛ակնարկեր այն դէպքերուն, որոնք տեղի ունեցան աւելի քան երեք տարի առաջ` նոյն թուրքերուն կողմէ Քեսապի գրաւումով, կողոպուտով ու վերստին ազատագրումով…

Անձնական յիշատակներու եւ ծանօթութիւններու կողքին, հեղինակը լայնօրէն վստահած է 5 աղբիւրներու` յուշագրութիւններ ու պատմական ուսումնասիրութիւններ, որոնք լոյս կը սփռեն ընդգրկուած պատմական իրադարձութեանց վրայ, անոնցմէ կը կատարէ լայն մէջբերումներ եւ կը թելադրէ ընթերցողին, որ ծանօթանայ այդ ու այլ հեղինակներու գործերուն:

Ուշագրաւ է նաեւ, որ հատորը ամբողջութեամբ «արտադրուած» է Սուրիոյ մէջ. բովանդակութեան պատրաստութիւնը կատարուած է Քեսապի մէջ, իսկ տպագրութիւնը` Հալէպ, «Արեւելք» տպարանէն: Սա, իր կարգին, այլ գործնական վկայութիւն մըն է, որ Հալէպի մեր գաղութը վերստին կը քալէ մշակութային-հրատարակչական այն ուղիէն, որ զինք յատկանշած է տասնամեակներէ ի վեր, որ պահ մը դանդաղումի մատնուեցաւ ահաւոր պատերազմին պատճառով: Աւելի քան տարիէ մը ի վեր հայկական աշխարհը աճող գոհունակութեամբ կը հետեւի գաղութի վերականգնումին:

 

 


Արմէն Սարգսեանի Ուխտը` Համազգային Յանձնառութեան Կոչ

$
0
0

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

Օրը պատմական էր, երկինքի կապոյտը` հոյակապ, եւ Արարատը` հրաշալիօրէն յստակ ու յաւիտենօրէն խրոխտ, միշտ յիշեցնելով մեզի մեր պատմական յանձնառութիւնը` զինք տուն բերելու:  Արարատը` մշուշէն քողազերծ, ներկայ էր իր անմնացորդ օրհնութիւնը տալու նորընտիր նախագահին`  ամբողջացնելով կատարելութիւնը պահուն:

Երդմնակալութեան արարողութիւնը կազմակերպուած էր պետական հնչեղութեամբ եւ բծախնդիր կարգապահութեամբ: Աւելի քան երկու հազար մարդ նստած` լուռ կը սպասէր նախագահին մուտքին,  երբ փողերախումբը ընդոստ հնչեց` թնդացնելով  սրահը եւ աւետելով գալուստը նախագահին:  Երկու հազար մարդ մէկ մարդու պէս կանգնեցաւ ոտքի ու որոտընդոստ ծափերով ողջունեց խրոխտ ու ինքնավստահ  մուտքը  հանրապետութեան նախագահին, որ յիրաւի նոր շունչ ու ոգեւորութիւն կը  ներշնչէր:

Երդմնակալութեան արարողութիւնը կը սկսէր  սահմանադրութիւնն ու Վեհամօր Աւետարանը ունենալով վկաներ` հաւատարիմ մնալու անոնց պատգամին` հայրենիքին ու ժողովուրդին բոլորանուէր ծառայելու:  Առաւել եւս վկայակոչուած էին երկրի աւագանին, Արցախի ու սփիւռքի ներկայացուցիչները եւ բազմաթիւ օտար հիւրեր:   Համազգային արդարօրէն նուաճուած  հպարտութիւնը կը  ճառագայթէր բոլորին դէմքերէն եւ հանգիտօրէն մեր ժողովուրդի  ամբողջութիւնը  կը դարձնէր յանձնառու` միասնականօրէն նեցուկ կանգնելու նոր նախագահին ապահովելու անոր անսայթաք յառաջընթացը:

Երդմնակալութեան կարգը կը շեշտէր խտացուած վեհութիւնը եւ ծանրութիւնը  պահուն` նախագահին տրուած պատասխանատուութեան մէջ` յանձն առնել հաստատօրէն «Հայաստանը դարձնելու բոլոր հայերի հայրենիքը», Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռեակի անվհատ աջակցութեամբ: Նախագահը այս ծանրակշիռ պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէր` յենելով իր ամրակուռ հաւատքին` մեր ժողովուրդի անընկճելի «տոկունութեան, աշխատասիրութեան  եւ ստեղծագործ  տաղանդի խոյանքին»:

Ան արդարօրէն եւ արժանավայել կերպով իր սրտի խօսքն ու պարտքը տուաւ առաջին հանրապետութիւնը կերտողներուն, որոնք` «գերմարդկային ջանքերով ու սխրանքով  փրկած էին հայրենիքը, եւ` ապրեցնելու այն փոքրիկ հողակտորը, որ մնացել էր մեր մեծ հայրենիքից:  Ի պատիւ նախորդ սերունդների, թէ՛ առաջին եւ թէ՛ երկրորդ հանրապետութեան օրօք, մեր ժողովուրդը կարողացաւ ոչ միայն ոտքի կանգնել եւ ուղղել մեր մէջքը, այլ նաեւ` արժանապատիւ կերպով ներկայանալու աշխարհին: Հէնց դրա շնորհիւ մեզ` ներկայ սերնդին, բախտ վիճակուեց ոչ միայն հռչակել երրորդ հանրապետութիւն,  այլեւ  կայացնել մեր հայրենիքի անկախութիւնը»:

Այսօր երրորդ հանրապետութիւնը արդէն կայացած պետականութիւն է, ազատ, անկախ ու ինքնավստահ կը յառաջանայ դէպի  բարգաւաճում, որուն առաւել եւս զարգացման, արդարութեան ու ազգային ինքնութեան հզօրացման համար կը կոչուի պատասխանատուութեան:

Ըլլալով գիտութեան մարդ` նորընտիր նախագահը խոստացաւ ներդրումներ կատարել գիտութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ` ներգրաւելու համար երիտասարդութիւնը երկրի գիտական եւ մշակութային յառաջընթացին մէջ:  Կարեւոր յանձնառութիւն մը, որ եթէ չի կրնար ետ բերել երկրէն արտագաղթած հազարաւոր գիտնականները, կրնայ սակայն պահել  նոր հասնող տաղանդաւոր երիտասարդները, որպէսզի ծառայեն հայրենիքի լուսաւորութեան ու հայ մտքի գիտական ու մշակութային, յառաջդիմութեան, անոնց վստահելով հայրենաշինութեան սրբազան առաքելութիւնն ու պատասխանատուութիւնը:  Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին` նորընտիր նախագահը շեշտեց, որ` «Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը կարեւոր քայլ է` կանխարգիլելու անոր կրկնութիւնը աշխարհի մէջ որեւէ տեղ եւ որեւէ ժամանակ»:

Նորընտիր նախագահը երախտագիտութեամբ յիշեց նախորդ երեք նախագահները` պատմութեան ձգելով անոնց գործունէութեան արժեւորումը:  Յիշեց  հրաժարեալ նախագահին տարած մեծ աշխատանքը` զանազան մարզերու մէջ եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր նոր պատասխանատուութեանց մէջ` յուշելով կարծէք, որ  վարչապետի պաշտօնը արդէն յանձնուած էր Սերժ Սարգսեանին:

Նախագահին խօսքը` համապարփակ եւ ընդգրկուն, կ՛արտայայտէր հայրենիքը յուզող գրեթէ բոլոր հարցերը` Արցախի հարցի խաղաղ կարգաւորումէն,  Հայաստան-սփիւռք միասնութեան համակողմանի ամրապնդում եւ ներուժի առաւել արդիւնաւէտ իւրացում, հոգեւոր արժէքներով հաւաքականութեան իրական ուժի գիտակցութեան հրաւէր,  մինչեւ բացասական երեւոյթներու դէմ հաւաքական պայքարով յաղթելու անհրաժեշտութիւն եւ լաւագոյն միջավայրը ստեղծելու կարելիութիւններուն մասնակից դարձնելու քաղաքացին:

Յոյսով, հաւատքով ու խանդավառութեամբ կ՛ողջունենք նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանը: Յառաջիկայ եօթը տարիներուն համար կը մաղթենք, որ իշխանութիւնը իր ձեռքը պահէ կուռ ու արդար կերպով: Անոր կը մաղթենք հայրենանուէր ծառայութեան մէջ` անկոտրում հաւատք, աներեր երթ ու ինքնավստահ որոշումներ կայացնելու արիութիւն, հայրենիքը դարձնելով  անառիկ բերդ` մեր ժողովուրդի խաղաղ կեցութեան համար,  բերրի հող` մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար հաւասարապէս, անսպառ օգտագործման աղբիւր եւ նախանձախնդիր` Հայաստանը դարձնելու յառաջատար ազգերու առաջիններու շարքին:

Բոլոր տուեալները կը հաւաստիացնեն մեր համոզումներուն մէջ  հաւատալու, որ ան պիտի կարենայ ըլլալ ժողովուրդին սպասած նախագահը,  որովհետեւ, կը կարծեմ, հոս պէտք է մանրամասնութիւնը շեշտեմ օրինակելով նոյնինքն նախագահը, որ երրորդ հանրապետութեան առաջին նախագահը կու գայ արդէն ձերբազատած` մեզ նախապաշարող Հայաստան-սփիւռք կարծրատիպերէն:

Կու գայ երկար տարիներ  սփիւռքի մէջ ապրելէ ու գործելէ ետք:

Կու գայ զրահուած, գիտական ու դիւանագիտական  հարուստ պատրաստութեամբ ու փորձառութեամբ, որոնք կը վկայեն  իր ընդարձակ ու խորին մտաւորական տարողութեան մասին:

Կու գայ դժուար ու դժբախտ մանկութիւն մը յաղթահարած անցեալով` ընելով զինք կարեկից`  բացառիկ կերպով հասկնալու  կեանքի դժուարութիւններէն, թշուառութիւններէն տառապող զանգուածին:

Կու գայ մանաւանդ իր պապերէն ժառանգած մեր կորուսեալ հողերու այրող ու պարտադրող  պատգամը` վերատիրանալու իրենց յառաջիկայ տարիներուն հզօր հայրենիքի մը կերտման ուխտով:

Խորհրդարանական նոր համակարգով նախագահի լիազօրութիւնները սահմանափակուած են, թերեւս պիտի մտածեն շատեր, սակայն նախագահինն են հեղինակութիւնն ու առանձնաշնորհումը` վերջին խօսքը ըսելու:

Բարի՛ երթ  Հայաստանի Հանրապետութեան  նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանին` դէպի նորանոր նուաճումներ, «գիտական թռիչքներով կերտելու երիտասարդ  Հայաստան»-ի  մը  լուսաշող ապագան, միշտ վստահ ըլլալով, որ իր զօրակիցն է միասնական հայութիւնը, եւ բացառուած է որեւէ տատամսում կամ ընկրկում ու հաւատքի երկմտութիւն համազգային նպատակներու իրագործման ճամբուն մէջ:

12 ապրիլ 2018
Պէյրութ 

Ընտրական Քրոնիկ. Յանձնառութիւնը Հաստատելու Առիթ

$
0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Իբրեւ «Ազդակ»-ի մնայուն ընթերցող, օրը-օրին թերթին լուրերուն կը հետեւիմ եւ ականատես կ’ըլլամ տարուող նախընտրական աշխատանքներուն ու կազմակերպուող ձեռնարկներուն: Զարմանքս մեծ է, երբ լիբանանահայ գաղութի որոշ զաւակները, հակառակ այսքա՜ն ծառայութիւնը տեսած ըլլալուն, տակաւին կը մերժեն ՀՅԴ-ն ընդունիլ, կը վարկաբեկեն անոր ընթացքը եւ գործունէութիւնը, կը զլանան իրենց զօրակցութիւնը` իրենց քուէն ուրիշին խոստանալով կամ ծախելով:

Այսօր, երբ մէկու մը ներկայացուի ՀՅԴ-ին կտրած 128-ամեայ ուղին, ան յաճախ կ՛ըսէ. «Այն ժամանակները չեմ ապրած եւ չեմ տեսած անոր գործունէութիւնը»: Սակայն այսօր կան հազարաւոր լիբանանահայեր, որոնք ականատես եւ վկաներ են 1975-էն մինչեւ 1990 ՀՅԴ-ի մատուցած ծառայութիւններուն: Վստահ եմ կան շատ շատերը, որոնք մինչեւ օրս կը յիշեն, թէ ինչպէ՛ս ապաստանարանները մտած պահուն կը տեսնէին փողոցները ողողած հայ տղաքը, որոնք զէնքերը շալկած եւ իրենց ամուր կուրծքերը պատնէշ դարձուցած, ֆետայիներու վայել խիզախութեամբ եւ անձնուիրութեամբ կռուեցան հայութեան գոյութիւնը եւ ապահովութիւնը պահպանելու համար: Վստահ եմ, որ կան շատեր, որոնք տագնապալից եւ մղձաւանջային այդ օրերը ապահով շրջաններ փոխադրուեցան, հոնկէ դէպքերուն հետեւեցան եւ դիտեցին, թէ ինչպէ՛ս հրաշալի հայ տղաքը պիտի պաշտպանէին իրենց դատարկ տուները եւ ինչքերը: Պէտք է յիշել, որ այդ տղաքը միայն լիբանանահայ գաղութին համար չկռուեցան, այլեւ ամբողջ հայութեան համար` քաջ գիտակցելով, որ եթէ լիբանանահայ գաղութը պարտուի եւ քանդուի, անոր հետ կը պարտուի նաեւ ամբողջ սփիւռքը, հետն ալ Հայ դատը: Միտք բանին, սակայն, այն է, որ այդ հրաշալի տղաքը սունկի պէս ինքնաբերաբար չբուսան: Զանոնք դաստիարակող, գաղափարապէս թրծող եւ գործի լծողը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն էր: Դաշնակցական ակումբներուն մէջ պատրաստուած հայ երիտասարդները, կուսակցական թէ համակիր, ՀՅԴ-ի դրօշին տակ ամէնէն վեհ առաքելութիւնը կատարեցին, հայութեան կեանքը եւ արժանապատուութիւնը պաշտպանեցին, նոյնիսկ իրենց արեան գնով:

Եւ այսօր, լիբանանահայ յարգելի՛ ազգակիցներ, ըլլաք դուք Լիբանանի մէջ կամ այլուր, այս նկարը ձեր առջեւ կը դնեմ, որ ձեր յիշողութիւնը թարմանայ եւ անդրադառնաք, թէ ո՛վ է հայութեան իրաւ եւ ճշմարիտ տէրն ու պաշտպանը: Նայեցէ՛ք այս տղոց աչքերուն եւ յիշեցէ՛ք, որ ձեր գաղութին եւ հայութեան համար անոնց թափած արեան դիմաց պարտաւոր էք զօրակցութիւն յայտնել զանոնք մատաղ մատուցած կուսակցութեան` Դաշնակցութեան, որպէսզի ան միշտ հզօր մնայ եւ ատակ ըլլայ տէր կանգնելու հայութեան իրաւունքներուն եւ մեր սրբազան Դատին:

Կը հաւատամ, որ կամք ունիք մայիս 6-ին այս յանձնառութեամբ քուէատուփեր ներկայանալու:

 

 

Բողոք Երեւանի Մէջ` Հաւաքական Զգօնութեան Հրամայականը

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Երեւանի մէջ արձանագրուող  իրադարձութիւնները կը մտահոգեն բոլորս անկասկած:

Լիբանանահայութիւնը, որ այս օրերուն երեսփոխանական ընտրութիւններու թոհուբոհին մէջ է եւ կլանուած նախընտրական աշխատանքներով, չի կրնար չհետեւիլ միաժամանակ հայրենի իրադարձութիւններուն:

Բայց մանաւանդ չի կրնար չմտահոգուիլ:

Անկախ անձերու ընտրութենէն, մեզի համար կարեւորը նախ եւ առաջ անշուշտ մեր Երկրին խաղաղ մնալուն հրամայականն է: Առանց ցնցումի, առանց միջադէպերու, առանց արիւնահեղութեան, տագնապի լուծումն է անհրաժեշտը:

Այս անհրաժեշտութեան առընթեր, հայրենիքէն դուրս գտնուող ոեւէ հայու համար խիստ կարեւոր է նաեւ իր հայրենիքի դիմագիծին նկատմամբ միջազգային արձագանգներու նպաստաւոր ըլլալը: Ի վերջոյ մեր երկրին, ժողովուրդին ու պետականութեան հեղինակութիւնն է, որ կ՛ազդուի նման պատահարներու առիթով միջազգային հանրութեան կարծիքի ձեւաւորման համար կատարուած արձագանգներով:

Լիբանանի նախագահն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը մեծ տպաւորութիւններով վերադարձան Լիբանան, փետրուար ամսուն Հայաստան տրուած պաշտօնական այցելութենէն: Այդ տպաւորութիւններու շարքին էին նաեւ անոր խաղաղ, անվտանգ ըլլալը, զարգացող ընթացքի եւ քաղաքակիրթ ժողովուրդ ունենալու փաստերը:

Այս տպաւորութիւնը լիբանանեան բարձրագոյն մակարդակի եւ ընդհանրապէս ժողովրդային խաւերու մօտ պէտք չէ աղօտին միջազգային հեռատեսիլի կայաններու պաստառներուն վրայ ցոյց տրուող պատկերներով:

Ամէն պարագայի սակայն, պէտք է բացառել բռնութիւնը: Մեր երկիրը  նախագահական համակարգէն անցած է խորհրդարանական համակարգ. արդէն իսկ նոր սահմանադրութիւնը, որուն հիմնական ճարտարապետներէն է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ որ աւելի քան քսանհինգ տարիէ ի վեր կ՛առաջադրէ կառավարման այս համակարգը, իր ամբողջութեան մէջ ի զօրու է արդէն:

Նոր համակարգը աւելիով կը ժողովրդավարացնէ մեր պետութիւնը:

Իսկ ժողովրդավարական հասկացողութիւններու մէջ եթէ մէկ կողմէ կայ կարծիքի, արտայայտուելու, բողոքելու, ցոյց կազմակերպելու անխախտելի իրաւունք, միւս կողմէ նաեւ իրաւական պետութեան կայացման համար օրէնքները չխախտելու, քաղաքացիական առողջ հասարակարգ ձեւաւորելու օրէնքով ճշդուած պարտաւորութիւններու յարգում:

Համոզուած ենք, որ ներկայ համակարգը աւելիով կը նպաստէ Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման բոլոր ուղղութիւններով: Զարգացման այդ ուղղութիւններու հաստատման համար շատ կարեւոր են միջպետական յարաբերութիւնները: Պէյրութն ու Երեւանը բազմաթիւ համաձայնագիրներ ունին փոխշահաւէտ զարգացման, միջպետական ծրագիրներ իրականացնելու եւ այդ ճամբով երկու երկիրներու զարգացման եւ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան կապերը շարունակելու նպատակով:

Այդ բոլորին համար մեզի պէտք են, այո՛, ժողովրդավարական կարգեր մեր հայրենիքին մէջ, բայց նաեւ օրէնքի գերակայութեամբ, սահմանադրութեան յարգումով, անվտանգ, խաղաղ Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Պետութիւնը պարտի յարգել ժողովուրդի ազատ արտայայտութեան իրաւունքը: Վերջին հաշուով ժողովուրդն է հիմը պետութեան, իսկ սահմանադրութիւնը` անոր իղձերուն արտայայտիչը:

Տագնապի մէջ է հայրենի հասարակութիւնը: Ու մանաւանդ երիտասարդութիւնը:

Տագնապը զգալի է նաեւ սփիւռքահայ շրջանակներու մէջ:

Միաժամանակ պետութեան հիմը նկատուող ժողովուրդը ինք եւս պատասխանատու է հայրենի պետականութեան եւ հայրենիքի անվտանգութեան պահպանման:

Հեռու արտաքին միջամտութիւններէ եւ տեղի չտալու համար կասկածելի ուժերու կողմէ շահագործումի, հաւաքական պատասխանատուութեան հրամայականը ինքզինք կը պարտադրէ:

Երեւանի մէջ վարչապետի ընտրութեան դէմ ծաւալած բողոքի ցոյցերը ժողովրդավարական իրենց պարունակին մէջ մնալով ապահոված կ՛ըլլան սահմանադրութեամբ ճշդուած ընդդիմադրութեան դերակատարութիւնը:

Իսկ բողոքի ցոյցերուն նկատմամբ հակադարձութիւնը անհրաժեշտ է որ մնայ հեռու ուժի գործածութիւնէն եւ չանցնի օրէնքով ճշդուած սահմանները:

Այլապէս ո՛չ պետութիւնը կը նպաստաւորուի եւ ո՛չ ալ ժողովուրդը:

Հաւաքական զգօնութեան պահն է հիմա:

Հաւաքական պատասխանատուութեան փաստը անհրաժեշտ է:

Նոր սահմանադրութիւնը շնչահեղձ պէտք չէ ընել: Ոչ ոք կը շահի:

Իսկ վնասը կը կրեն ո՛չ միայն հայրենի ժողովուրդն ու պետութիւնը, այլեւ համայն հայութիւնը:

Իսկ արդէն սուղ գին վճարած է հայութիւնը ազատ ու անկախ հայրենիքի նուաճման համար:

Ձեռք բերուածը չվտանգենք:

Գուրգուրանք հաւաքական զգօնութեամբ:

 

 

Գէորգ Պետիկեանի «Սա Մեր Բոլորին Հալէպն Է» Հատորը

$
0
0

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

«Հալէպը ինծի համար կեանք է ու պատմութիւն, անմեղութեան շքեղութիւն, մանկական, պատանեկան եւ վաղ երիտասարդութեանս յիշատակներու խառն ու հաճելի բուրում եւ, մանաւանդ, անուշ շարական, պարզ գիրք եւ գեղեցիկ առասպել: Հո՛ն է մտքիս անզուգական յուշակոթողը»:

Գէորգ Պետիկեան` իբրեւ իր հոգիին պարտքը, վերի տողերը կը ձօնէ Հալէպին` Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի հիմնադրութեան (1947) 70-ամեակին առիթով:

Նոյնինքն Գէորգ Պետիկեան ինքնիրեն հարց կու տայ, թէ` «Ինչո՞ւ այս հատորը», ու կը լուսաբանէ. «Որովհետեւ խորապէս ճանչնալով Հալէպն ու իմ արմատներուս կանչը, մտքիս խաւերուն վրայ տեղ գտած դէմքերն ու դէպքերը, թաղերն ու փողոցները ու բոլոր մանրամասնութիւնները` ուզեցի համեստօրէն մէկտեղել եւ շօշափելի իրականութեան յանձնել նախկին վեց հատորներուս մէջ տեղ գտած իմացական կեանքիս յուշերն ու պատմութիւնները, այս անգամ միայն մէկ երդիքի տակ մէկտեղել` «Սա, մեր բոլորին Հալէպն է» խորագրին տակ»:

Գ. Պետիկեանի սոյն հատորը կը բաղկանայ 224 էջերէ, ուր տեղ գտած են մեծ ու փոքր` ազգային ոգիով հիւսուած անուշ ու հետաքրքրական 48 գրութիւններ, մասնաւորապէս` Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանի մասին. անոնցմէ մաս մը անցեալին մամուլով հրատարակուած է. անոնք ընդհանրապէս կը պատկանին հեղինակի կեանքին, հալէպեան յիշատակներուն ու գործունէութիւններուն:

Հատորին խմբագրութիւնը կատարողը` մեր յայտնի մտաւորականներէն ու հրապարակագիր Սարգիս Մահսէրէճեանը գրած է. «Սոյն հատորին խորագիրը շատ դիւրութեամբ կրնար ըլլալ «Ներբողական Հալէպի», որովհետեւ, ինչպէս պիտի զգայ ընթերցողը, այստեղ մէկտեղուած իւրաքանչիւր կտոր ներշնչում առած է հեղինակին` Գէորգ Պետիկեանի… հալէպցիութենէն. մէկտեղուած են` հալէպեան յուշեր, տպաւորութիւններ, ծննդավայրին հանդէպ անքակտելի սէր, Հալէպը արարող հաստատութիւններու եւ տիպարներու թողած հետքերը, ու դեռ` շա՜տ բաներ»:

Գէորգ Պետիկեան գրող է, մտաւորական, հայ լեզուի ու մտքի հանրածանօթ մշակ, վաստակաշատ դաստիարակ եւ երկարամեայ տնօրէն, գրական բեղուն վաստակ ունեցող եւ հայ մամուլի անխոնջ աշխատակից: Ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը` Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ, ուր եւ պաշտօնավարած է ընթացաւարտ ըլլալէ ետք:

Հաստատուելով Պէյրութ, Լիբանան, աւարտած է Պէյրութի ֆրանսական Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հայագիտական բաժինը: Զբաղած է գրականութեամբ` միաժամանակ աշխատակցելով սփիւռքահայ մամուլին: Ցարդ հրատարակած է վեց հատորներ` «Մայթերու անցորդը», «Անգոյն տերեւներ», «Գրադարանս», «Բարե՛ւ, Հալէ՛պ», «Դիմատետրս» եւ «Պապիկը կարդալ չի գիտեր»: Նաեւ հեղինակ է երկու թատրերգութիւններու` «Փոթորիկ` գաւաթ մը ջուրի մէջ» եւ «Հարսանիքէն առաջ», որոնք մեծ յաջողութեամբ բեմականացուած են: Ունի անտիպ գործեր:

2015-ի մայիսին պարգեւատրուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» շքանշանով:

Ահա քանի մը մէջբերումներ` Գ. Պետիկեանի ներաշխարհը ներկայացնող իր նոր ստեղծագործութիւններէն` իբրեւ ուղղակի վկայութիւն հեղինակին բառերով.

Նամակ` սիրելի Հալէպիս

Ապա վերջը, յաղթանակ-պարտութեան օրերու շարանով,
Ամէն անգամ, որ վախը իրիկուան լռութիւնը գողնար,
Եւ թաղերու պատմութիւնը պատմողներու խօսքերով լեցուէր,
Ահով լի զարմանք մը կը թակէր դուռս ու կը խռովէր սիրտս,
Առանց հերոսի թատերախաղին նման:

Նամակ` Հալէպ սիրելիէս

Ու փորձեցի քալել, ճամբաս շարունակել` միշտ աչքերովս փնտռելով այն, ինչ որ կեանքէս մնացած էր: Ոչինչ գտայ:

Ոտքերս յոգնեցան ու կքեցան: Նոյնիսկ ճամբաս կորսնցուցի: Մէկ խօսքով, զիս խելակորոյս դարձուցին: Զիս յիմարի տեղ դրին: Մոռցայ երջանկութիւնս, երջանիկ օրերս, ժպիտս, յուշերս, սէրս: Մէկ խօսքով, խելքս ալ կորսնցուցի:

Հիմա ես ինծի հարց կու տամ, թէ ո՛վ եմ ես, ո՞ւր կ՛երթամ, կամ` զիս ո՞ւր տարին, ո՞ւր հասցուցին: Շուրջս հարազատ չմնաց:

Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հիմնադրութեան 70-ամեակին առթիւ

Տարեդարձս է:

2017: Արդէն 70 տարեկան եմ եւ տարեդարձս է: Շատեր պիտի հարցնեն, թէ ո՛վ եմ ես: Բացատրեմ: Ես` Հալէպի Ազգ. «Քարէն Եփփէ» ճեմարանն եմ: Գիտեմ, որ կը ճանչնաք զիս:

Հպարտօրէն նաեւ կրնամ աւելցնել ու ըսել, որ իմ այս ծնունդս պատահականութեան արդիւնք չէր: Եթէ կ՛ուզէք` հայ ժողովուրդի մտաւոր ապագայով մտահոգ եւ տագնապող հայորդիներու տեսիլքէն էր: Անոր համար կառչած մնացի հայութեանս ու մշակոյթիս եւ դարձայ տեսակ մը փարոս` հայութեան եւ գիտութեան:

Ինչպէս կը տեսնէք, Գ. Պետիկեանի հոգին ու սիրտը իր հայութիւնն է, ու` իր Հալէպը: Ընթերցողը վստահաբար հաճոյքով պիտի ըմբոշխնէ սոյն նոր հատորը:

 

 

Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հայոց պատմութեան մէջ անկասկած իրենց ուրոյն տեղը ունին հերոսական արեամբ նուաճուած 25-28 մայիս 1918 թուականի մայիսեան յաղթանակները, այլ խօսքով` 1918 թուականի մայիս 28-ին հայ ժողովուրդի իրողապէս տիրացած Հայաստանի անկախութիւնը:

Հայաստանի հիմնադրութեան ժամանակաշրջանին, ճակատամարտերու ընթացքին, մարտերու դաշտին վրայ, քաղաքական, ռազմական եւ դիւանագիտական գործունէութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ պոլշեւիկեան Հայաստանի ժամանակահատուածին ու անկէ ետք Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներ, պետական դէմքեր, զինուորականներ եւ անոնց յաջորդները Հայաստանի անկախացման առնչութեամբ կրցած են ժողովուրդին հասցնել իրենց միտքերը, գաղափարները, զգացումներն ու օրուան խորհուրդը իրենց յուշ-պատգամներով` զանոնք համակելով ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՄԲ: Այս բոլորը անկասկած ժամանակի ընթացքին գրի առնուած են եւ տարբեր առիթներով ներկայացուած են գրական-գեղարուեստական ու այլ միջոցներով:

Ամէն ինչէ առաջ եւ վեր, նախ պէտք է ըսել, որ «Առանց զէնքի չկայ հայոց փրկութիւն» կարգախօսը ամբողջովին հաստատուեցաւ Սարդարապատի վճռորոշ ճակատամարտին:

Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան պետականակերտ սերունդէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն պարզ գործիչը իր ներդրումը ունեցած է ազգային գրականութեան ստեղծման աշխատանքին մէջ: Այսօր գործածուող շատ մը կարգախօսներ եւ պատգամներ, որոնք խոր ազդեցութիւն ձգած են ազգային մտածողութեան վրայ, կու գան այդ գրականութենէն, ինչպէս` 1918 թուականի մայիսին, երբ թրքական յառաջխաղացքին դիմաց հայկական զօրքերը պահ մը կը նահանջեն, առաջարկներ կ՛ըլլան Երեւանը պարպելու: Արամի վճռական կեցուածքն է, որ կը փրկէ Հայաստանն ու հայութիւնը: Արամի հրահանգը կտրուկ էր. «ԵՐԵՒԱՆԸ ՉԵՆՔ ԴԱՏԱՐԿԻ»: Եւ 1960-ականներու այդ օրերուն, նոր ժամանակներու հայոց մեծագոյն բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակ փաստօրէն կը պոռթկար այդ օրերու անարդար սահմանափակումին դէմ ու կ՛արտայայտէր Մայիս 28-ի ուրացման դառն էջը ամբողջապէս փակելու մեր ժողովուրդին ազգային հաստատակամութիւնը, երբ Հայաստանի անկախութեան նուաճումը արժեւորելով, կը պատգամէր` «Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»:

Այս պատգամները միշտ խթան կը հանդիսանան ազգային գործունէութիւնը ուղղելու դէպի հայաստանակեդրոն աշխատանք:

Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներու, պետական դէմքերու եւ անոնց յաջորդներու կարգ մը պատգամներն ու խորհուրդները հետագային կարգախօսներու վերածուած են. բացի անոնցմէ` առաջ եկած են այլ կարգախօսներ եւս, որոնք ծնունդ առած են զանազան կուսակցութիւններու ընդհանուր ժողովներէ, ինչպէս` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, ազգային-յեղափոխական երգերէ, գիրքերու խորագիրներէ եւ այլն, օրինակ` «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան», «Ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութիւն» եւ այլն:

Անկախ պետականութեան երազանքը դարեր շարունակ բորբոքած է հայութեան բազմաթիւ սերունդներու միտքն ու երեւակայութիւնը, ջերմացուցած` հոգին: Աշխարհասփիւռ հայութեան զաւակներու շուրթերուն «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան» բառակապակցութիւնը հնչած է որպէս կախարդական խօսք, սրբազան երդում, աստուածաշնչեան պատգամ: Հայութեան բազմաթիւ սերունդներ օտարութեան մէջ ապրած, դիմացած, պայքարած են այդ նուիրական երազանքով:

Վերոնշեալ կարգախօսները ոչ միայն ի զօրու են մինչեւ այսօր, այլ նաեւ` իբրեւ սրբազան պատգամ, վերածուած են ազգային թելադրականութեան եւ նոյնիսկ մաս կը կազմեն մեր մշակոյթին:

Միւս կողմէ` հոն կը շեշտադրուի, որ յատկապէս ազգային եւ հայրենասէր գործիչին եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը եւ տեսութիւնը հաստատուն էր, քանի որ այդ գործիչներուն եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ամբողջական գործունէութիւնը, ինքնութիւնը եւ, ի հարկէ, գաղափարախօսութիւնը պայմանաւորուած են ազգի գոյութեամբ, հայրենիքի կերտմամբ եւ լիիրաւ անկախութեամբ, քանի որ հայրենիքի ամբողջացումով կը պայմանաւորուի ճշմարիտ անկախութիւնը: Իսկ պոլշեւիկեան եւ անոնց հետեւորդներուն թմբուկը զարնողներուն գաղափարախօսութիւնը ի յայտ եկաւ, որ խաբուսիկ, անհիմն ու գնայուն է:

Տեղին է նշել, որ այս յուշ-պատգամներուն հեղինակները հայ ժողովուրդի զանազան խաւերու, գաղափարի եւ բնագաւառի անձեր են, որոնց յուշ-պատգամները կարգախօսի վերածուած` 100 տարիներ թրծեցին սերունդներ` պատերազմի դաշտերուն, հանդիսութիւններուն, ձեռնարկներուն: Ներկայացուած փունջ մը յուշ-պատգամներուն մէջէն շատ քիչին ծանօթ ենք միայն, սակայն անոնք ամբողջովին կու գան համալրելու եւ մեր թուլցած հոգիները ամրացնելու, տկարացած սիրտերը զօրացնելու, պղտորած միտքերը բիւրեղացնելու, տգիտացած ուղեղները զարգացնելու: Միւս կողմէ, սակայն, փոքր համայնապատկերով մը մեզի կը ներկայացնեն հայութեան յարութիւնը, անոր հերոսապատումը, ազգային գիտակցութիւնն ու ոգին եւ, վերջապէս, հայոց պատմութեան մէջ մեծ տեղ գրաւող 1918 թուականով հիմը դրուած ազգային պետականութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներու, պետական դէմքերու եւ անոնց օղակուած յաջորդ սերունդներու յուշ-պատգամները կը յատկանշուին ոճով մը, երբեմն յուզարտայայտչական-գնահատող, երբեմն` զուրկ յուզականութենէ եւ պատկերաւորութենէ, բառեր կը գործածուին ուղղակի իմաստով. խօսքը ներկայացուած` հակիրճ ձեւով:

Ուստի, ոճը բնորոշ է` ռազմաքաղաքական, գիտական գրականութեան, դասախօսութիւններուն, գիտական զեկուցումներուն ու բանավէճերուն, քննադատական գրականութեան եւ այլն: Հարուստ է գիտաճարտարագիտական, մասնագիտական ոճաբանութեամբ, դատողամտածողական բնոյթի բառակապակցութիւններով, կաղապարումներով, շաղկապներով: Սակաւ են յուզարտայայտչական տարրերն ու միջոցները: Կը համատեղէ գիտական ու գեղարուեստական խօսքի (ոճի) առանձնայատկութիւնները. նպատակն է ներգործել, ազդել ընթերցողի, ունկնդիրի ոչ միայն միտքի դատողութեան վրայ, այլ կամքի, զգացմունքներու, երեւակայութեան վրայ` մղելու զայն ցանկացած գործողութեան: Այս բոլորին կ’ընկերանայ նոյնպէս գեղարուեստական ոճը, որ յատուկ է իր պատկերաւորութեամբ ու յուզարտայայտչականութեամբ, ասոր մասնաւոր դրսեւորողներէն է բանաստեղծական ոճը:

Այս յուշ-պատգամներուն մէջ իւրայատուկ են իրադրական ու յորդորական ոճերը, որոնք պայմանաւորուած են խօսքային իրադրութեամբ, հաղորդակցուողներու վիճակով, փոխյարաբերութեամբ, որոնք կը ներկայանան հանդիսաւոր, յորդորական, մտերմական-փաղաքշական, հասարակաբանական, պաշտօնական-իրադրական եւ այլն միջոցներով: Հոն կը հանդիպինք խօսողին կամ գրողին ընդգծած առարկայի, երեւոյթի, իրադարձութեան վեհութեան, կարեւորութեան, մեծարման անհրաժեշտութեան: Յատուկ է հանդիսաւոր հաւաքոյթներու (զեկուցումներու, ճառերու, յոբելենական մեծարումներու) խօսքին, տարելիցներուն նուիրուած ելոյթներուն, յօդուածներուն: Իսկ յորդորական ոճով խօսողը կամ գրողը կը յորդորէ, կը խրատէ մէկը, կը մղէ բանի մը:

Այս յուշ-պատգամները մեզի խորհուրդներ ու ցուցմունքներ կու տան, մեր հորիզոնները կ’ընդարձակեն, փորձառութիւն կը ներկայացնեն:

Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներու, պետական դէմքերու եւ անոնց յաջորդներուն խորհուրդները եւ պատգամները լուսարձակի տակ առնելով եթէ վերլուծելու ըլլանք, կը տեսնենք, որ տարիներու թաւալումով հոն սկզբունքային ոչ մէկ փոփոխութիւն արձանագրուած է: Այլ խօսքով, ձեւով մը հաստատած կ’ըլլանք ազգային մտքին ու կամքին անփոփոխութիւնը: Իսկ տարբեր դիտանկիւնէ նայելով` կը հիմնաւորենք, որ սոյն խորհուրդները կը փարատեն նեղմիտ ու սահմանափակ, հոս ու հոն հրապարակ իջած այն մտայնութիւնները, որոնք խաչմերուկի ճամբուն կանգնեցուցած են «պոլշեւիկեան Հայաստանի» ու «Անկախ Հայաստանի» բառեզրերը` բախելու համար զանոնք իրարու:

Վերոյիշեալ իրողութիւնը լրջօրէն վերացած պէտք է նկատել, քանի որ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներու, պետական դէմքերու եւ անոնց յաջորդներուն, յատկապէս դաշնակցականներու հաստատումները, իրենց ազդեցութեան ոլորտին ներքեւ, ցարդ լիարժէքօրէն կը պահեն իրենց իմաստն ու թելադրականութիւնը: Որովհետեւ անոնք էապէս կ’արժեւորեն անցեալն ու կը բացայայտեն յաջորդող տարիներու գործունէութեան խորապատկերը: Աւելի՛ն. իբրեւ բանաձեւուած միտք եւ հաւաքական մտածողութիւն` լաւագոյնս կ’ապացուցեն ազգային հեռահար տենչերու իրականացման ուղին, եւ առաւելաբար կը բնութագրեն Հայ դատի աշխատանքի եւ աշխարհահայեացքի ամբողջական պարունակը:

Ներկայացուած 100 դէմքերու յուշ-պատգամները. Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան կամ, այլ խօսքով, մայիս 28-ի խորհուրդը լաւագոյնս կը խտացնեն եւ մեզի կը ներկայանան` իբրեւ յաջորդաբար փորձառութիւն ձեռք ձգած գաղափարներ: Այդտեղ կան կեանքի դրուագներ` որպէս արտայայտիչ, օրինակ` ականջալուր` ժողովուրդի ցաւերուն, ազգային մարտահրաւէրներուն հանդէպ վճռական եւ յատկապէս` դաշնակցական լաւագոյն աւանդներուն: Ան հարազատ արտայայտութիւնն է տարիներու ժամանակահատուածին սերունդի ազգային շառաւիղի ոգիին:

Մեր աշխատութեան մէջ դուք պիտի հանդիպիք տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներու միտքերուն, իսկ յուշ-պատգամներու, խօսք եւ խորհուրդներու 100 հեղինակներու անուանացանկը մատուցուած է անոնց մահուան յաջորդականութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով մենք խիստ կարիքը կը զգանք Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներու, պետական դէմքերու եւ անոնց յաջորդներու խորհուրդներուն եւ պատգամներուն` իբրեւ կրանիթեայ ուսումնական ամպիոն, զգաստանալու, զգօն ըլլալու ու մանաւանդ ազգային գաղափարախօսութեամբ իրագործելու մեր վեհ նպատակը` ԱՆԿԱԽ, ԱԶԱՏ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ:

ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
(Սարգիս, Սէրգէյ Յովհաննիսեան, 1879-1919)

* Ամէն ոք իր մասին է մտածում: Իր երկրի սահմաններից այն կողմ եթէ նայող կայ, նայում է միայն յանուն իր շահերի: Եթէ ընդհանուր ուժերով ճակատ պահելու խօսք է լինում, դա խօսք է, զուրկ` իրական հիմքից ու անկեղծութիւնից: Հայերով ո՛չ ոք չի հետաքրքրւում` շօշափելի օգնութիւն հասցնելու մտքով: Դրա հակառակը` կայ դաւադրական վերաբերմունք: Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միա՛յն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու:

* Կան դէպքեր, երբ օրէնքն ու իրաւունքը գործադրելով` մենք յանցաւորներ ու չարագործներ կը դառնանք, մանաւանդ` այնպիսի բացառիկ ծանր ու անբնական ժամանակներում, երբ դէպքերը տեղի են ունենում գահավէժ արագութեամբ եւ ստեղծում դրութիւններ, որոնք օրէնքը չէր կարող նախատեսել:

* Ա՜խ, երանի այն օրին, երբ որբանոցները եւ նման պուրժուական հիմնարկութիւնները կը դադարին ովասիս լինելուց, եւ այս դժբախտ երկրի ժողովուրդները կը կարողանան իրենց մշակութային հանճարով եւ տնտեսական արդար վաստակով ստեղծել ամբողջ երկրի համար, բոլոր հասարակութիւնների եւ ժողովուրդների համար մի աւելի այլասէր եւ հիմնական ձգտումներով ովասիս…

* Ես չէի կարողանում հասկնալ այն մեծ գաղտնիքը, այն մեծ ուժը, որ սովորական մարդկանց, շատ անգամ կրթութիւն չունեցողներին, գիւղացիներին ստիպում էր տարիներ շարունակ անտրտունջ հանդուրժել այս տառապանքներին: Մտաւորականների համար ասում էին իտէալն ու գաղափարականութիւնն է, իսկ միւսներին մնում էր ընդունել հայրենասիրութիւնը, որն ունի եւ գաղտնի, անըմբռնելի ուժ` այդքան զոհաբերութիւններ վերցնող: Պատմում էին փորձուած ընկերները, որ մտաւորականների, մանաւանդ դրսեց եկած ընկերների օրինակը շատ էր ազդում զինուորների հոգեբանութեան վրայ:

********************************************************************************

ՓԵԹԱՐԱՅ ՄԱՆՈՒԿ
(1887՞-1920)

* Այս ո՞ր տեղէն սկսանք, ո՞ւր հասանք: Ուրեմն Հայաստանի ազատութիւնը իրականութի՞ւն է:

Ա՜յ լուսահոգի Գէո՛րգ, Քեռի Մակար, Կորիւն… Գլուխնիդ վերցուցէք ու այս դրօշակին նայեցէք… Ափսո՜ս, հազա՛ր ափսոս, մուրազին չհասած` մեռան…

********************************************************************************

ՄԿՐՏԻՉ ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԵԱՆ
(1848-1921)

* 1918 մայիս 28-ը յաւերժական յիշատակի արժանի օր մ՛է Հայաստանի պատմութեան մէջ: Այդ ամիսը կովկասեան նորածին 3 հանրապետութիւնների անկախաբար գոյութիւնը հռչակող թուական մը դարձաւ: 1918 մայիս 26-ին Վրաստան ինքզինք անկախ տէրութիւն մը յայտարարեց եւ Գերմանիայէն պաշտպանութիւն խնդրեց: Հետեւեալ օր Ազրպէյճան նոյնը ըրաւ եւ դիմեց Թուրքիայի աջակցութեան: 28-ին Հայաստանի Հանրապետական վարչութիւնը ելաւ, բոլորովին անկախ հռչակեց ինքզինքը եւ չնայելով իր անօգնական, անօթի եւ թշնամիներէ շրջապատուելով մէն մենակ վիճակին, իր յոյսը իրեն վրայ դրած, ոգի ի բռին մաքառեցաւ ամէն դժուարութիւնների դէմ, անվհատ կռուեցաւ դիւցազնօրէն եւ վերջապէս իր ուժով ու խելքով յաջողեցաւ կանգնել Հայաստանի անկախ պետութիւն մը, որ աներեւակայելի դժուարութիւնների ու թշուառութիւնների մէջ կարողացած է զարգանալ հետզհետէ. այնպէս որ, Եւրոպայի դաշնակից պետութիւնները տեսնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապրելու կարող, կենսունակ մարմին մ՛է, այս տարի յունուար 20-ին պաշտօնապէս ճանչցուած հռչակեցին անոր կառավարութիւնը եւ ընդունեցին Հայաստանի պետութիւնն ալ կանոնաւոր պետութիւնների շարքին մէջ:

* Ամբողջ սրտով գուրգուրանք ուրեմն, հայե՛ր, Հայաստանի մեր նորածին Հանրապետութեան վրայ, առատօրէն նուիրենք անոր մեր ուժերը եւ փաստօրէն ցոյց տանք աշխարհին, թէ հայը արդարեւ կարող է եւ արժանի ազգ մ՛է եղեր իր սեփական տէրութիւնն եւ անկախութիւն ունենալու:

********************************************************************************

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
(1869-1923)

* Մեր սերունդը էն սերունդն է, որ դեռ երէկ ազատ Հայաստան էր երազում:

Ազատ Հայաստան էին երազում ռուսահայը, տաճկահայը, պարսկահայը եւ բոլոր հեռաւոր գաղութները:

Ազատ Հայաստան էին երազում հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերը` առանց սեռի ու հասակի խտրութեան:

Ի՞նչ ասես, որ չէր տայ գրեթէ ամէն մի հայ, միայն թէ աչքով տեսնէր ազատ Հայաստանը:

Ու, յանկարծ…

Արդէն իրականութիւն է երէկուայ մեր երազը, ազատ է Հայաստանը, ամբողջ աշխարհքի կողմէ ճանչցուած ինքնուրոյն հանրագիտութիւն է նաեւ, իր եռագոյն դրօշակով կանգնած է միւս պետութիւնների շարքում:

 

 

Տեսակէտ. Պատճառները

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

«Տեսակէտ»-ի սիւնակին տակ տեղ կու տանք այս յօդուածին` յիշեցնելով «միաձայն քաղաքականութենէն» խորհրդարանական-հաւաքական համակարգի անցումի փաստը: Միաժամանակ` նշելով նաեւ այն, որ բողոքի խաղաղ երթերը օրէնքի արտօնած սահմաններուն մէջ ոչ միայն մերժելի չեն, այլ նաեւ ընդդիմութեան դերակատարութեան բարձրացման առումով` ընկալելի: 

«Ա.»

Հայաստանի մէջ այսօր ժողովրդային շարժումը լուրջ հիմքեր ունի: 26,5 տարեկան անկախ Հայաստանը իրականութեան մէջ «միաձայնութեան» որոշումի ոճով գործեց:

Տեղ մը բաժակը կը յորդի: Տեղ մը ղեկավար չեն փնտռեր: Տեղ մը անհանդուրժողութիւնը բնական ձեւ եւ կերպարանք կը ստանայ: Երեւոյթը այնպէս է, որ կարեւոր չէ ժողովուրդին համար, թէ ո՛վ կը ղեկավարէ այս շարժումը: Կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ: Հիմնականը այն է, որ զզուած են այս ոճէն: Զզուելի է «միաձայնութեան» քաղաքականութիւնը:

Հայաստանի ժողովուրդը, ճիշդ է, «աւանդաբար» միշտ կը հակադրուի իշխանութիւններուն: Ճիշդ այս պատճառով իշխանութիւնները այս փուլին շատ աւելի ընելիք եւ մտածելիք ունին, քան` ցուցարարները: Կարելի չէ միշտ նոյն դէմքերով ղեկավարութիւն ստեղծել: Բողոքը յառաջիկայ օրերուն ի՞նչ ձեւ եւ կերպարանք կ՛ունենայ` ոչ ոք գիտէ:

Թաւշեայ յեղափոխութի՞ւն է, հաւանաբար: Օգտուողներ կրնա՞ն ըլլալ, վստահաբար: Սակայն  հաստատ իրականութիւն է, որ կարելի չէ երկար շունչով բարեկարգութեան լոզունգով ժողովուրդը քնացնել կամ մաշեցնել:

Այսօրուան շարժումը «Մարտ 1»-ին չի նմանիր: Այսօրուան շարժումը սփիւռքի կարգ մը գաղութներու մէջ ալ արձագանգ կու տայ:

Խաղաղ անհնազանդութիւնը կրնայ ըլլալ ի նպաստ փոփոխութեան:

Հայաստանի մէջ այսօր բազմահազար երիտասարդներ փողոց իջած են: Ըստ անոնց, իրենց մորթին վրայ զգացած չարաշահութիւններն ու փտածութիւնը անշնչելի դարձուցած են մթնոլորտը, ուստի այսօր իջած են ո՛չ ըսելու:

Պատճառները պարզ են, սակայն մէկ բան պէտք է յստակ ըլլայ, որ փոփոխութիւնը միայն անձի հետ չըլլայ: Փոփոխութիւնը մտածելու, ղեկավարելու ոճի եւ բարոյական արժէքներու մէջ ըլլայ: Եթէ միայն անձի կապուի, շա՜տ շա՛տ կրնանք հիասթափուիլ: Այսօր անհրաժեշտ է փոփոխութիւնը երիտասարդութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան կողմէ: Ուշ կամ կանուխ փոփոխութիւն կայ: Պէտք է զգուշ ըլլալ, որ ոչ մէկ կաթիլ արիւն թափուի: Պէտք է զգուշ ըլլալ, որ քաղաքակիրթ պահուածքը պահուի:

Պէտք է զգուշ ըլլալ, որ չարաշահութիւններ չըլլան:

Այսօրուան ժողովրդային շարժումը լուրջ պատճառներ ունի: Երբ այսքան մեծ ընդվզում կայ, պէտք է պահ մը հաշուի նստիլ եւ կշիռքի դնել ամէն բան:

Պատճառները ուրիշ տեղեր չփնտռել: Պատճառները փնտռել անցնող 26,5 տարիներուն կրկնուած դժգոհութիւններուն մէջ: Պատճառները փնտռել «միաձայնութեամբ» ամէն բան որոշելու մէջ:

 

 

Վերադարձ` «Պատգամով» (Յովհաննէս Պապախանեան Լիբանանի Մէջ)

$
0
0

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գ. Իփեկեան» թատերախումբի վարչութեան, կիրակի, 22 ապրիլ 2018-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ, պետական մրցոյթներու դափնեկիր, Միացեալ Նահանգներու շարժապատկերի եւ թատրոնի արուեստագէտներու միութեան անդամ Յովհաննէս Պապախանեանը պիտի ներկայացնէ Կարէն Խաչատուրեանի «ՊԱՏԳԱՄ» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Մարի Մսրեանի:

Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան տրամաթիքական թատրոնի առաջատար դերասանը շուրջ քսանհինգ տարի հայ հանդիսատեսը հմայած է իր բեմական կերպարներով` Շէյքսփիրի «Յուլիոս Կեսար», «Մաքպեթ», «Ռոմէօ Ճիւլիեթ», Սթրաթիեւի «Աւտոպուս», Պ. Զէյթունցեանի «Յիսուս Նազովրեցի» թատերախաղերու, ինչպէս նաեւ «Լռութեան սիմֆոնիա», «Սովորական բնազդ», «Անտրոփոլոկիա», «Սեպտեմբեր», «Հերոսթրատ» ժապաւէններու մէջ` բազում պարգեւներու շարքին արժանանալով Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան «Գ. Նարեկացի» մետալին, Թատերական գործիչներու միութեան «Արտաւազդ» եւ «Սիրանուշ» մրցանակներուն…

Վերջին տասը տարիներուն անուանի արուեստագէտը կը ստեղծագործէ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Նշանաւոր «Պրոտուէյ»-ի եւ «Քառնեկի հոլ»-ին մէջ ծափահարուած հայ դերասանը դարձած է հոլիվուտեան կարգ մը աստղերու` Էրիք Ռոպերցի, Ռիթա Կրէյի, Մարթըն Քոֆի, Ճոն Պէյրի Մուր Կրտսերի, Մալքոլմ Մաք Տաուէլի, Ճուլիա Լուիս Տրէյֆուսի եւ այլոց խաղընկերը, դասական ճազի մէջ` Ռենէ Ռոպինսընի զուգընկերը:

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Ատամ Շիֆ եւ նահանգապետ Մայք Էրիք Քարսեթթի տարբեր տարիներու եռակի անգամ պարգեւատրած են Յովհաննէս Պապախանեանը, սակայն հայ դերասանին համար յատուկ իմաստ մը ունի Միացեալ Նահանգներու Ազգային ակադեմիայի կողմէն ստացած «ՎՈՒՏՐՕ ՈՒԻԼՍԸՆ» ոսկի մետալը:

«Յաջողութիւնը զիս կը պարտաւորեցնէ շարունակ վերադառնալ հայ բեմ, հանդիպիլ իմ հանդիսատեսին հետ, որուն ծափահարութիւններու ներքոյ ես հասած եմ բանի մը», կ՛ըսէ Յովհաննէս Պապախանեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան կազմակերպած «ԱՐՄՄՈՆՕ» ամէնամեայ միջազգային թատերական փառատօնին բացման պատիւը այս տարի շնորհուած է Յովհաննէս Պապախանեանին: Աշխարհի շուրջ երեսունհինգ երկիրներու արուեստագէտներ ապրիլ 28-ին «ՊԱՏԳԱՄ» ներկայացման ընդմէջէն անգամ մը եւս առիթ կ՛ունենան առնչուելու Հայոց ցեղասպանութեան հարցին:

Երախտագէտ արուեստագէտը երբեք չի մոռնար իր հարազատ թատրոնը, ուր տարիներու ընթացքին յղկուեր են իր դերասանական բնատուր կարողութիւնները: Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան տրամաթիքական թատրոնն ալ իր կարգին 2018-ի մայիս 8-ին իր բեմը պիտի տրամադրէ Յովհաննէս Պապախանեանին` մենաթատրոնի ներկայացմամբ հանդիսատեսին հետ նշելու հարազատ արուեստագէտին 50-ամեայ յոբելեանը:

Ոմանց յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են 2006-ի մարտին Պէյրութի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կայացած Փաթրիք Զիւզքենտի «Քոնթրապասը» մենաթատրոնէն ստացած  տպաւորութիւնները` Յովհաննէս Պապախանեանի կատարմամբ: Անուանի դերասանի խաղացանկին մէջ վերջերս տեղ գտած ներկայացումը Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին նուիրուած «ՊԱՏԳԱՄ» մենաթատրոնն է, որ 2018-ի ապրիլ 22 -ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ սպասուած վերադարձ է, վերադարձ` «ՊԱՏԳԱՄՈՎ»:

 


Ինչպէ՞ս Է Ալիեւը Խաբում Իր Ժողովրդին

$
0
0

ԼԷՈՆԻԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
«Ազատ Արցախ» պաշտօնաթերթի
գլխաւոր խմբագիրն է

Եւ այսպէս, նախագահական ընտրութիւններն Ազրպէյճանում աւարտուած են: Դրանք անցան, ինչպէս եւ սպասւում էր, առանց բարդութեան ու առանց… ընտրութեան:

Այն պատճառով, որ քուէարկութեան ընթացակարգից դեռ շատ առաջ ոեւէ մէկի մօտ կասկած չկար, որ Իլհամ Ալիեւը կը զբաղեցնի նախագահական պաշտօնը չորրորդ ժամկէտով: Ու թէեւ, այսպէս կոչուած, նախընտրական մրցավազքին նրանից բացի միացան եւս 6 թեկնածուներ, ընտրութիւնները գործնականում այլընտրանքային չէին: Բանն այն է, որ գործող նախագահի հակառակորդները, ովքեր անգամ չնչին քաղաքական քաշ չունեն, իրենցից իրական մրցակիցներ չէին ներկայացնում ու ընդամէնը ստատիստի խղճալի դեր խաղացին, քանի որ նրանցից ոմանք անյայտ են անգամ հարազատ երկրում: Այդ իսկ պատճառով բոլորովին էլ պատահական չէ, որ Ալիեւն ընտրութիւններին յաղթեց «խորհրդային» արդիւնքով` հաւաքելով, Ազրպէյճանի ԿԸՀ-ի տուեալներով, ընտրողների ձայների 86 տոկոսը:

Բայց արդեօք այդ «համոզիչ յաղթանակը» Ալիեւի՞ վաստակն է: Անկասկա՜ծ: Սակայն խօսքը նրա` որպէս երեւելի քաղաքական գործչի արժանիքների մասին չէ: Բանն այն է, որ նա արդէն առաջին տարին չէ, որ ջանադրաբար մաքրում է քաղաքական դաշտը` ջախջախելով ընդդիմութեանը, ճնշելով այլախոհութիւնը, մոգոնուած մեղադրանքներով բանտերը նետելով անցանկալի լրագրողներին, ովքեր համարձակուել են քննադատել ալիեւեան վարչակարգը: Ինչը, այդուհանդերձ, չխանգարեց նրան հայրենակիցներին ուղղուած իր կոչում, որով նա հանդէս եկաւ ընտրութիւնների արդիւնքների հրապարակուելուց յետոյ, իր երկրում տիրող իրավիճակը ներկայացնել վարդագոյն լոյսի ներքոյ: Պէտք է ասել, որ կոչն այդ աւելի շատ նման էր յաղթական ռազմազեկոյցի, որ հնչեց նրա հօր (Ազրպէյճանի Կոմկուսի Կենտկոմի առաջին քարտուղար եղած ժամանակ)` «Լայնօրէն է քայլում Ազրպէյճանը» անմահ դարձած արտայայտութեան ոգով:

Իլհամի բարձրագոչ արտայայտութիւններից ներկայացնենք միայն մի քանիսը. «Վերջին 15 տարիների ընթացքում (նրա պաշտօնավարման ժամանակաշրջանը, Խմբ.) երկրորդ այդպիսի երկիր չի եղել, որը տնտեսական ոլորտում զարգանար, ինչպէս` Ազրպէյճանը», «Այսօր Ազրպէյճանը դասւում է աշխարհի ամենամրցունակ երկրների շարքին», «Այսօր Ազրպէյճանը մի երկիր է, որն աշխարհում մեծ յարգանք, համակրանք եւ աջակցութիւն է վայելում» եւ այլն, եւ այլն: Ասես` չէր էլ եղել համեմատաբար վերջերս տեղի ունեցած պետական արժեզրկումը` ազգային արտարժոյթի` մանաթի անկմամբ, դրամատնային համակարգի խոր ճգնաժամը, որը յայտնուել էր փլուզման եզրին, ինչպէս չէին եղել եւ խաւիարային դիւանագիտութեան, աղմուկ հանած ազրպէյճանական «լանտրոմաթի»` փողերի լուացման, օֆշորների հետ մեծածաւալ մեքենայութիւնների հետ կապուած միջազգային գայթակղութիւնները: Ու այս ամէնի յետեւում Ալիեւների քլանն է: Ի թիւս իր «վաստակների» Ալիեւը «մոռացաւ» նշել խնդիրները` կապուած միջազգային մի շարք կազմակերպութիւնների, մասնաւորապէս Եւրոպայի խորհրդի հետ, որտեղից Ազրպէյճանին քիչ էր մնում վտարէին Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանի որոշումը չկատարելու համար, որը պահանջում էր ազատ արձակել վտարանդի լրագրողին, որին ճաղերի յետեւ էին նետել շինծու մեղադրանքով: Միգուցէ՞ այս ամէնի հանրագումարն է հէնց Ազրպէյճանին «աշխարհում մեծ յարգանք, համակրանք, աջակցութիւն» բերում: Ալիեւին ու նրա ղեկավարած պետութեանը բաւականին դիպուկ կերպով բնութագրել է Պաքուի վարչակարգի գլխաւոր քննադատներից մէկը` իրաւապաշտպան Լէյլա Իւնուսը, ով ֆրանսական «Լիպերասիոն»-ին տուած հարցազրոյցում Ալիեւին անուանել է «մեր բռնակալը»: Պատմելով ազրպէյճանական բանտերում շարունակ կիրառուող կտտանքների մասին` նա նշել է. «Ազրպէյճանը պաշտօնապէս հանդիսանում է հանրապետութիւն, սակայն իրականում այն սուլթանութիւն է: Այսօր Ազրպէյճանում այլեւս չկան անկախ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, իրաւապաշտպաններ, անկախ լրագրողներ»: Այս կարծիքը կարելի է որակել որպէս հայեացք ներսից: Մի մարդու հայեացք, ով սեփական կաշուի վրայ է զգացել ալիեւեան «ժողովրդավարութեան» ողջ հմայքը:

Բնականաբար Ալիեւն Ալիեւ չէր լինի, եթէ նոյն այդ յաղթական թոնայնութեամբ չարտայայտուէր ղարաբաղեան հիմնախնդրի շուրջ: «Մենք հասել ենք դիւանագիտական մեծ յաղթանակների: Միաժամանակ մենք մեծ յաղթանակ ենք տարել մարտի դաշտում», խօսքեր, որոնք չափազանց լուրջ կասկածներ են յարուցում այս գործչի վստահելի լինելու հարցում: Ըստ երեւոյթին, Ալիեւի ընկալմամբ դիւանագիտական մեծ յաղթանակ հարկ է համարել այն փաստը, որ մէկ այլ «մեծ յաղթանակի» (կարդա՛ 2016թ. ապրիլի ռազմական արկածախնդրութեան) արդիւնքում հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը մի քանի տարով յետ է շպրտուել: Մէկը հարցնէր նրան` եթէ իրադրութիւնն առաջնագծում Ազրպէյճանի համար լաւագոյն ձեւով էր դասաւորւում, ինչո՞ւ Պաքուն Մոսկուայից միջնորդական օգնութիւն խնդրեց պատերազմը դադարեցնելու համար:  Հնարաւոր է` ապրիլեան այն արկածախնդրութեան ժամանակ զոհուածների հանդէպ սրբապղծօրէն հնչի, բայց փաստը մնում է փաստ. նրա սանձազերծած պատերազմի «շնորհիւ» միջազգային հանրութիւնում գնալով աւելի յաճախ են սկսել հակուել Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութեան մտքին: Այստեղից առաւել քան ակնյայտ է` հակամարտութիւնը պէտք է եւ կարող է հանգուցալուծուել հանրապետութեան` ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ  անկախութեան հռչակման իրաւաբանօրէն անվիճելի փաստի հաշուառումով: Ըստ էութեան, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահները, որոնց հովանու ներքոյ անցնում է խաղաղարար գործընթացը, իրենք էլ քաջ գիտակցում են, որ հակառակ պաշտօնական Պաքուի ճիգերին` Արցախն Ազրպէյճանի կազմում լինել չի կարող: Այդ իսկ պատճառով որպէս կարգաւորման հիմնական սկզբունքներից մէկը` բանակցային օրակարգում նրանք մտցրեցին ինքնորոշման իրաւունքը: Նշանակում է` Ալիեւի այն խօսքերը, թէ` «հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներում», քանի որ «այլ ճանապարհ չկայ», ոչ այլ ինչ է, քան խաբէութիւն` ինքն իրեն ու սեփական ժողովրդին: Այլ ճանապարհ կայ, եւ Արցախն արդէն անցել է այդ ճանապարհը, այն է` անկախ պետականութեան ստեղծումը:

 

 

Ընտրական Քրոնիկ. «Ներսի Դաշնակներէն Դուրսի Դաշնակներուն»

$
0
0

ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ

Իմ քուէս, քու քուէդ, անոր քուէն,
Մեր քուէն, ձեր քուէն, անոնց քուէն:

Վերջապէս, իմ եւ մեր քուէն, քուէն` այն բոլորին, որոնք մինչեւ հիմա Լիբանանի մէջ տիրող վիճակին պատճառով բան չէին ըսած, չէին կրցած ըսել, 10 տարի առաջ փոքր էին քուէարկելու համար, իսկ վերջին քանի մը տարիներուն ընտրութիւններ չեղան: Այդպիսիները մայիս 6-ին տեղ պիտի հասնին, ըսելիք պիտի ունենան:

Ինչպէս` բոլոր երկիրներուն մէջ, Լիբանանի մէջ ալ նախընտրական շրջանը ծանօթ է իր ճնշող շատախօսութեամբ եւ ձանձրացնող կրկնութիւններով. բոլոր ընտրութիւններու նախօրեակին ժողովուրդը կը յայտնէ, որ տարիներէ ի վեր շատախօսութեան պատճառով կրկնուող սուտերով այս անգամ պիտի չխաբուի, բայց կը տեսնենք, որ դարձեալ խաբուած է: Խաբած են զինք` իր մեծաւորը, իրեն նայողն ու պահողը, զաւակը դպրոց ղրկողը, գործատուն, դրամատէրը, պարտատէրը… եւ այսպէս, շարունակ, մէկը միւսէն կախեալ, ժամանակաւոր խոստումներով կը փորձեն այդ խաբէութիւնը ոսկեայ ափսէով ճշմարտութեան նման հրամցնել, որպէսզի ափսէին մօտեցող եւ օգտուողները շատ ըլլան: Իսկ անոր շնորհիւ իրենք որքա՜ն ոսկեայ ափսէներու մօտ պիտի նստին, բոլորս գիտենք:

Ի տարբերութիւն բոլորին, անխտիր, բոլոր անոնց, որոնք գունաւոր, երկար ու կարճ խոստումներով հրապարակ իջած են. ի տարբերութիւն  բոլոր անոնց, որոնք վայրկեան մը երկմտած են, նախքան իբրեւ հայ ներկայանան, ի տարբերութիւն բոլոր անոնց, որոնք հայուն համար իր լաւագոյն երիտասարդները զոհաբերած կուսակցութիւնը քարկոծողներուն մէջ կը տեսնեն այսօր հայութեան վաղուան պայծառ ապագան ու ճշգրիտ ներկայացուածութիւնը, ի տարբերութիւն այն բոլորին, որոնք հրապարակայնօրէն կը քննադատեն, այսպէս ըսած` «իրենց» կուսակցութիւնը, ի տարբերութիւն բոլոր անոնց, որոնք վերջին քանի մը տարիներուն, առանց հեռուն նայելու եւ անգիտակցաբար (իսկ շատեր` նայելով ու գիտակցելով), կեղծ անուններու եւ կեղծ կուսակցականութեան ետեւ պահուըտած կուսակցութեան անունը փորձեցին նուաստացնել` հակակուսակցական ու հակադաշնակցական պայքարը պիտակելով անձերու դէմ պայքար, նաեւ ոչ մէկ ճիգ խնայեցին ընկերային ցանցերու վրայ նոյնիսկ դրամով տարածելու իրենց թոյնը, հրապարակաւ տարածելու իրենց բամբասանքը այնքան, որքան պէտք էր` անոր ետեւ պահելու իրե՛նց սխալն ու բացթողումները, ի տարբերութիւն այս բոլորին, 100, 200, 500 թէ 1000 համակիրով ու ընտրողով, անցողիկ ու մոռացութեան դատապարուած այս բոլորէն վեր` միայն մէկ ուժ կայ այսքան բազուկ ու աշխատող ունեցող, միայն մէկ հայր կայ այսքան անառակ զաւակ ունեցող, միայն մէկ գերագոյն հրամանատար կայ այսքան մեծ բանակ ունեցող, ու կայ միայն մէկ արեւ, որ աշխարհասփիւռ հայութեան համար յոյսի շողեր դարձած, տարիներէ ի վեր բաժան-բաժան, ճառագայթ առ ճառագայթ լո՛յս սփռած է վաղուան ու գալիքին համար, այդ ալ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է:

Լիբանան, Ամերիկա, Քանատա թէ Եւրոպա Դաշնակցութեան դէմ խօսող-գրողները ոչինչով կը տարբերին Հայաստանի մեր հայրենակիցներէն, որոնք, դժբախտաբար, տակաւին չհասկնալով Դաշնակցութեան էութիւնը, ամէն առիթի կ՛ըսեն` «Դրսի դաշնակներն ուրիշ են»: Իսկ ձեզի համար ովքե՞ր են ուրիշ` դուրսիննե՞րը, թէ՞ ներսինները: Ովքե՞ր են այսօր յարգի ձեզի համար եւ քաջալերանքի արժանի, անհատնե՞ր, որոնք կը պաշտպանեն Ցեղասպանութեան փաստը, թէ՞ այն կուսակցութիւնը, որ 100 տարիէ կռի՛ւ կը մղէ այդ փաստին համար` զէնքով, արեամբ, գրիչով ու Հայ դատի գրասենեակներով: Ե՞րբ այսպէս կուրցաւ այս ժողովուրդը, զաւակդ, ծնողքդ, ընկերդ, բարեկամդ, սիրելի՛ լիբանանահայ, ե՞րբ եւ ինչո՞ւ այդպէս տկարամիտ մարդոց սկսար վստահիլ եւ հետեւիլ: Ովքե՞ր են անոնք, օրինակելինե՞րն են լիբանանահայութեան իրականութեան մէջ. իսկ աշխարհի վրայ ո՞վ է այն իտէալը, օրինակելին, որուն կ՛ուզէք նմանին մեր երեսփոխանները. ո՞ր նախագահը, երեսփոխանը ամէն շաբաթ կամ ամէն առիթի թաղ-թաղ, տուն-տուն, ընտանիք առ ընտանիք իրեն ընտրող ժողովուրդին կ՛այցելէ, ո՞ր երկրին մէջ կայ այդպիսի բան. ո՛չ մէկ տեղ: Իսկ ինչո՞ւ մեր թեկնածուներուն ծանօթութիւններն ու շրջագայութիւնները կ՛որակէք ձեւական. ինչո՞ւ կը պահանջէք անկարելին ու չտեսնուածը, կը պահանջէք ըլլալ ուրիշ, տարբեր, երբ դուք ո՛չ մէկ բանով տարբեր էք միւս ընտրողներէն, երբ այսօր շատեր նոյնիսկ կը մտածեն կամ կը պատրաստուին ծախե՛լ իրենց քուէն (վստահաբար «Ազդակ» կարդացողներուն մէջ չկան այդպիսիներ), ծախե՛լ քուէն, եւ կարճ ժամանակ ետք պահանջե՛լ Պուրճ Համուտի հարցերու լուծում, պահանջե՛լ քաղաքապետարանէն, ԼՕԽ-էն, ծերանոցէն, Երեսփոխանական գրասենեակէն, այսինքն` պահանջել եւ միայն պահանջել Դաշնակցութենէն:

Պահանջել… իսկ Դաշնակցութիւնը կը կատարէ նոյնիսկ չպահանջուածը. կը լսենք ու կը տեսնենք, որ տասը եղածին դիմաց միշտ մէկ չեղածն է, որուն մասին կը խօսուի. Այո՛, անարդար է աշխարհը, իսկ այդ անարդարութեան հետ մէկտեղ Դաշնակցութիւնը ծափահարութեան կարիք բնաւ չէ զգացած:

Դաշնակցութիւն երբ կ՛ըսենք, վեր նայելու կարիք չկայ: Դաշնակցութիւն երբ կ՛ըսենք, 10-20 թիկնապահներով քալող մարդոց ղեկավարած քաղաքական հոսանքը կամ այս կամ այն առաքելութեամբ հրապարակ իջած միութիւնը նկատի չունինք. Դաշնակցութիւն երբ կ՛ըսենք ու կը քուէարկենք անոր, պիտի հասկնանք ու համոզուինք, որ միայն Բագրատունի, Թերզեան, Չուխատարեան ու Մաթոսեան չէ Դաշնակցութիւնը: Դաշնակցութիւնը աւելի վեր է այս չորսէն, շա՛տ աւելի վեր, ուր հազարաւորներ` եղած են իրենց նման, ու հազարաւորներ` իրենցմէ աւելին, ովքեր կեանք տուած են իրենց, մեզի, մեր բոլորին` որպէս հայութեան, պահա՛ծ են իրենց ու մեր տունն ու ընտանիքը, մէկը թուղթով ու գրիչով, միւսը զէնքով, ուրիշ մը` կեանքով ու լուռ գործով, եւ այսպէս, բոլորս միասին, թեկնածուներով եւ ժողովուրդով, մեր անցեալով ու ներկայով բոլորս ենք Դաշնակցութիւնը, եւ բոլորս կը քուէարկենք մենք մեզի, մեր գոյութեան ու յարատեւութեան:

Մայիսի 6-ը մէկ անգամ է, ընտրութեան օրն է, որ պիտի գայ եւ պիտի անցնի: Առաջադրուած թեկնածուներն ալ ընտրուին թէ ոչ, օր մը պիտի անցնին. շատ աւելի շուտ պիտի անցնին անոնք, որոնք իրենց ոչ այնքան համբաւի արժանացած անունով փորձեցին եւ կը փորձեն ժողովուրդ-կուսակցութիւն գոյութիւն չունեցող հեռաւորութիւնն ու բացը ստեղծել…

Մայր Հայաստանի ժողովուրդին զգալի տոկոսին ըսած բառերով`

ԻՄ ՔՈՒԷՍ «Ներսի դաշնակներէն» նոյն այդ «Դրսի դաշնակներուն»

ԻՄ ՔՈՒԷՍ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ,

ՁԵՐ ՔՈՒԷՆ` վստահաբար Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, իսկ քուէն բոլոր անոնց, որոնք առեւտուրի ենթակայ են, մեզի արդէն պէտք չէ:

 

 

Քաղաքական հասունացման պահը

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Երեւանի մէջ ընթացող հանրահաւաքներու եւ ցոյցերու ընդմէջէն մեր երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը մեզի տուին ուսանելի դասեր, որոնք կրնան միայն խթան ու ապաւէն հանդիսանալ ներկայ տագնապի բարւոք հանգուցալուծման:

Առաջին. անոնք ապացուցեցին, որ իրենք ոչ ոքէ ժողովրդավարութեան դասեր առնելու կարիքը չունին:

Երկրորդ. անոնք ցոյց տուին, որ իրենք չեն առաջնորդուիր ժողովրդավարական սին լոզունգներով եւ կեղծաւոր արտայայտութիւններով:

Երրորդ. անոնք թարգմանը հանդիսացան մեր ժողովուրդի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ցաւերուն, որոնք արմատաւորուած էին վերջին աւելի քան քսանհինգ տարիներուն:

Չորրորդ. իրենց անկեղծութեամբ եւ սկզբունքային հաւատարմութեամբ, անոնք կարողացան առկայ տագնապի լուծում որոնող զօրաշարժի ենթարկել հայրենի քաղաքական ուժերը, ներառեալ` իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ նորընտիր վարչապետը:

Հինգերորդ. իրենց ցուցական նախաձեռնութիւններու ընթացքին անոնք մնացին երկրի սահմանադրութեան իրաւասութիւններուն մէջ եւ փորձեցին գործել օրինապահութեամբ:

Հիմա պահն է քաղաքական հասունացման, որպէսզի կարելի ըլլայ ճիշդ բարելաւումի եւ արդար բարեկարգումի ճանապարհները հարթել մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին համար:

Այս ճամբուն վրայ չենք կրնար կրկին անգամ ընկրկիլ կամ ձախողիլ, որուն անցեալի օրինակները տակաւին թարմ են մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ:

Այս մէկը պիտի ըլլայ ներկայ տագնապէն քաղուող մեր բոլորին մեծագոյն դասը: Այսօր բոլորս կը գտնուինք կրկնուող տագնապին վերջնական լուծում մը որոնելու եւ գործադրելու մարտահրաւէրին դիմաց: Ա՛յս պիտի ըլլայ մեր ազգային այն փորձաքննութիւնը, ուր պէտք է կարենանք ապացուցել եւ կիրարկել մեր հաւաքական հանճարը` քաղաքական հասունութեամբ եւ պետական մտածողութեամբ:

Այս ուղղութեամբ ՀՅ Դաշնակցութիւնը առաւ առաջին քայլը: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը առաջադրեց, հանրապետութեան նախագահի գլխաւորութեամբ եւ բոլոր քաղաքական ուժերու մասնակցութեամբ, յառաջացնել խորհրդակցութիւններու հարթակ` «առկայ խնդիրներին համատեղ, համախոհութեան սկզբունքով լուծումներ գտնելու եւ ստեղծուած իրավիճակը հանգուցալուծելու նպատակով»: Իր կարգին, նախագահ Արմէն Սարգսեանը ողջունեց Դաշնակցութեան այս առաջարկը:

Ուստի, կը մնայ անցնիլ գործի, անմիջապէս կեանք ու մարմին տալ խորհրդակցութիւններու հարթակին:

Իւրաքանչիւր կողմ այդ հարթակին պիտի բերէ իր ցաւերը, դժգոհութիւնները եւ, մանաւանդ, լուծումներու իր առաջարկները: Ցաւերն ու դժգոհութիւնները յստակ են: Կը մնան առաջարկները: Քաղաքական ուժերու կողմէ բազմիցս ներկայացուած են բարեփոխման ծրագիրներ:

Առաջարկներու ծիրէն ներս Դաշնակցութեան համար առաջնահերթ են եւ պիտի ըլլան` Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութիւններու խորացումը, ընկերա-տնտեսական միջավայրի հրատապ բարելաւումը, առաջանցիկ զարգացման ապահովումը, ընկերային արդարութեան հաստատումը, անկախ դատական իշխանութեան ձեւաւորումը փտածութեան եւ մենաշնորհներու իրական պայքարի եւ արտագաղթը նուազեցնելու աշխատանքը:

Հետեւաբար այս հարթակը պիտի ըլլայ լուծումներու համադրման կեդրոնը: Ան պիտի կարենայ հասարակ յայտարարի բերել ներկայացուած ծրագիրները եւ կատարել բոլորին կողմէ ընդունելի ճիշդ համադրումը, որպէսզի սկսի ճանապարհը դէպի խաղաղ, իրաւական, բարգաւաճ եւ անվտանգ Հայաստան:

Այս հարթակը պիտի առաջնորդուի նախագահ Արմէն Սարգսեանի խորհուրդով` «Որ մեր երկրի անվտանգութիւնը, կայունութիւնը եւ ազգային համերաշխութիւնը բոլորիս համար պէտք է լինեն առաջնային ու անքննելի անհրաժեշտութիւն»:

Թերեւս այս մօտեցումով պիտի կարենանք մէկ անգամ ընդմիշտ վերջակէտ դնել հայրենիքը ցնցող հերթական տագնապներուն: Անցեալի տագնապները կը մնային անլոյծ, որովհետեւ մէկ կողմէ իշխանական ղեկավարութենէն եւ միւս կողմէ` ընդդիմացող ղեկավարութենէն կը խուսափէին քաղաքական հասունութեան եւ պետական մտածողութեան խորաթափանց կարողականութիւնը:

Վերջին դէպքերը եւ անոնցմէ բխող ուսանելի դասերը այսօր խթան կը հանդիսանան բոլորին, որպէսզի աւելի խորանայ ու ծաւալի այդ կարողականութեան գիտակցութիւնը եւ ատակութիւնը:

Շնորհիւ այդ ձեռք բերուած կարողականութեան` ո՛չ միայն պէտք է յուսալ, այլեւ պէտք է հաւատալ, որ այս անգամ հայրենիքն ու հայրենի ժողովուրդը պիտի գտնեն հանգուցալուծման ճիշդ ճանապարհը:

Լոս Անճելըս
19 ապրիլ 2018

 

Բողոքի ցոյցերը համակարգային փոփոխութիւնների, որակական, խորքային բարեփոխումների պահանջի վկայութիւնն են…

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Այսպէս կը բնորոշէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը քաղաքացիական բողոքի այս շարժումը: Միաժամանակ ան կոչ կ՛ուղղէ ՀՀ Ազգային ժողովի բոլոր կուսակցութիւններուն` անմիջապէս խմբուելու արտախորհրդարանական յատուկ հարթակի մը շուրջ` երկիրը ներկայ քաղաքական տագնապէն դուրս բերելու անյետաձգելի հրամայականով: Դաշնակցութիւնը նաեւ կ՛առաջարկէ, որ խորհրդակցութիւններու այս հարթակը գործէ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հովանաւորութեան տակ` որպէս գերկուսակցական հեղինակութեան, որուն պէտք ունի երկիրը այս պահուն: Ուրախ ենք, որ այս կապակցութեամբ արդէն իսկ հրապարակուած է պր. նախագահին ջերմ հաւանութիւնը:

Ի սրտէ կը յուսանք, որ այս խիզախ նախաձեռնութիւնը արագ ընդառաջում ստանայ բոլոր մեր գործընկերներուն կողմէ, եւ երկրի խաղաղեցման գործընթացը մտնէ վճռական փուլ` բոլոր կողմերու անվերապահ գործակցութեամբ եւ ի փառս հայրենի ժողովրդավարութեան:

Այնուամենայնիւ, զգաստութիւնը կը թելադրէ, որ դուրս չգանք իրապաշտութեան սահմաններէն եւ խօսինք բաց բնագրով: Մեծ աւեր գործուած է անկախութեան առաջին տարիներէն սկսած եւ մեծ ճեղք մը բացուած` մեր հասարակութեան կեանքին մէջ ղեկավարողի եւ ղեկավարուողի փոխադարձ յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ: Դաշնակցութեան կոչը միայն սկիզբն է երկանց: Ազգային համաձայնութեան անխախտ եզրեր պէտք է կեանքի կոչուին: Հետեւաբար կարեւոր է կրկնել ու յիշեցնել, որ այս պատմական ճիգը պէտք է ըլլայ բծախնդրօրէն խորքային, եւ այս բանին հիմնական պարտաւորութիւնը այսօր կը ծանրանայ պր. վարչապետի եւ իր կառավարութեան ուսերուն:

Այսօրուան թախանձագին պատգամն է, որ վարչապետական նոր իշխանութիւնը եւ առաջին հերթին` Հանրապետական կուսակցութիւնը մտնեն այս գործընթացին մէջ` այն անկեղծ ակնկալութեամբ, որ ջրբաժան տեղի պիտի ունենայ երկրի կեանքին մէջ: Յարացոյցի վճռական փոփոխութեան մը` մեկնա՛րկը, որուն իրենք մաս պիտի կազմեն ոտքէն մինչեւ գլուխ: Այն, ինչ որ պիտի ծնի այս գործընթացէն, չի կրնար մակերեսային «հրադադար»-ի մը բնոյթը կրել: Այն, ինչ որ պիտի ծնի սահմանադրական նոր գործընթացի այս շեմին, պէտք է ունենայ ազգային ուխտի մը գերադիր հանգամանքը` բանաձեւելով էութիւնը սահմանադրութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ վճռական լուծում բերել աղքատութեան, արտագաղթի, ազգային եկամուտի վերաբաշխման, աշխատատեղերու ստեղծման եւ ազգին բարոյական զինարանը կոփելու մեծ հարցերուն:

Յաճախ կը խօսուի երկրին դիմագրաւած արտաքին սպառնալիքի առաջնահերթ բնոյթին մասին: Հասած ենք այն կէտին, երբ այլեւս յստակ է, որ մեր երկրի արտաքին սպառնալիքը միայն այս ձեւով է, որ կարելի է յաջողապէս չէզոքացնել: Արտաքին ու ներքին սպառնալիքները այսօր ընդելուզուած են իրարու, եւ կռուի ճակատը այս պահուն կը գտնուի մայրաքաղաքի հրապարակներուն վրայ:

Մեր ժողովուրդը պէտք է սկսի հաւատալ իր հայրենիքին, ինչպէս հաւատացին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի, Լեռնահայաստանի եւ Արցախի մարտիկները: Այլ չափանիշ ընդունելի չէ: Եւ եթէ յանկարծ այս հարթակի դերակատարները իյնան փորձութեանը մէջ քաղաքական մեքենայութիւններո՛վ այս հարցը «լուծելու», յաջորդ փուլը ապահովաբար պիտի ըլլայ աղէտալի ամբողջ երկրին եւ ամբողջ ազգին համար: Այդ մէկը այժմէն իսկ պէտք է բացառուած նկատել:

Մարտահրաւէրը, որ այսօր կայ ազգին առջեւ, ըմբոստները միայն տուն բերել չէ: Մեր մարտահրաւէրը այս հսկայ ուժականութիւնը ոգեզինելն է եւ զայն անմնացորդ ընդգրկելն է վաղուան մեծ վերելքին մէջ: Մեր իսկական հարստութիւնը այս պահանջատէր երիտասարդութիւնն է, որ կը պատկանի հայոց հայրենիքի ներկային եւ ապագային, եւ այդ ապագան մսխելու լուսանցքը գոյութիւն չունի այլեւս: Հասկնանք միանգամընդմի՛շտ:

19 ապրիլ 2018
Ուաշինկթըն

Մերձաւոր Արեւելքն Ու Առաջացած Երկբեւեռ Միջազգային Համակարգը (Մաս 1)

$
0
0

ԱՐԱՐԱՏ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ

Սիրիայի 7 տարի տեւած արիւնալի պատերազմը, կարելի է ասել, մօտենում է իր աւարտին: Երկիրը գտնւում է կիսաւեր վիճակում` կէս միլիոնից աւել զոհ, աշխարհով մէկ ցրուած փախստականներ, սակայն ընդդիմութեանն ու նրանց աջակցող զինեալ իսլամականներին չյաջողուեց հասնել իրենց գերնպատակին` ստեղծել իսլամական պետութիւն: Սիրիայի նախագահ Ասատի վարչակարգը հաստատուն կերպով շարունակում է ղեկավարել երկիրը, եւ պետական հաստատութիւնները գտնւում են նրա հսկողութեան տակ: Ինչպէս բոլոր արիւնալի պատերազմներում, հիմնականում ժողովուրդն է տուժում, սակայն այս պարագայում պատկերն աւելի յուզիչ էր, քան` տարածաշրջանի նախկին պատերազմները: Աւելի՛ն. կարծիք կայ, որ սիրիական պատերազմը ամենաաղէտալի պատերազմն է Բ. Համաշխարհային պատերազմից ի վեր թէ՛ մարդկային, թէ՛ նիւթական վնասներով: Պատերազմի ամբողջ ընթացքում տեղի ունեցան ուժերի վերադասաւորումներ, որը փոխեց պատերազմի ամբողջ ընթացքը: Օրինակ, Թուրքիան եւ Քաթարը, որոնք պատերազմն անգամ չսկսած պահանջում էին Ասատի հրաժարականը, սակայն ժամանակի ընթացքում այս երկու երկրները որդեգրեցին այլ քաղաքականութիւն եւ սկսեցին հանդէս չգալ բացայայտ հակաասատական քաղաքականութեամբ: Սիրիական պատերազմը ցոյց տուեց, որ աշխարհը միաբեւեռ համակարգից տեղափոխւում է երկբեւեռի, այս նոր ստեղծուած առանցքում գերիշխում են բացառապէս ազգային արժէքների վրայ հիմնուած պետութիւնները: Այս յօդուածաշարով փորձելու եմ ցոյց տալ տարածաշրջանի եւ միջազգային ուժերի ներկայ քաղաքականութիւնը Մերձաւոր Արեւելքում` Սիրիայի պատերազմից սկսած: Յստակ պատկերացում կազմելու համար անհրաժեշտ է առանձին-առանձին անդրադառնալ այն երկրներին, որոնք առնչութիւն են ունեցել եւ դեռ ունեն Սիրիայի պատերազմի հետ:

Սիրիա

Սիրիայի պատերազմը կարող ենք բնութագրել որպէս ամենաանկանխատեսելի պատերազմներից մէկը` հաշուի առնելով երկրի 40 տարուայ անցնցում, փոքր քայլերով զարգացման մոտելը: Պաշշար Ասատը յաջորդելով հօրը` եկաւ իշխանութեան աւելի հանդուրժողական կարգախօսներով, մասնաւորապէս` կրօնական հարցերում եւ խոստացաւ արդիականացնել երկիրը բոլոր բնագաւառներում: Նրա 10 տարուայ պաշտօնավարման ընթացքում իրականութիւն դարձան նրա ոչ բոլոր խոստումները: Երկրի քաղաքական միջավայրում էական ոչինչ չփոխուեց, երկիրը մնաց միակուսակցական` նկատի առնելով արտաքին մարտահրաւէրները: Սակայն, զարգացման առումով, թէեւ գիւղերում շատ խնդիրներ մնացին օդում, բայց հիմնական քաղաքները մեծ թռիչք արձանագրեցին: Տնտեսութիւնը սկսեց զարգանալ, առեւտուրն արտաքին աշխարհի հետ անհամեմատ դիւրացաւ, բացուեցին ազատ համալսարաններ, հիմնուեցին մասնաւոր հիւրանոցներ եւ միջազգային դրամատներ: Հեռահաղորդակցման ընկերութիւնները կարողացան շատ արագ միջազգային չափանիշներին համապատասխան ծառայութիւններ մատուցել մատչելի գներով եւ այլն: Պետական աշխատավարձերը եւ թոշակներն անհամեմատ բարձրացուեցին, շինարարութիւնը սկսել էր նոր թափ ստանալ: Այս գրանցուած յաջողութիւնները չներուեցին, եւ յանկարծակի «Արաբական գարուն» կոչուած ալիքը հասաւ Սիրիա եւ 80-ական թուականներից մշակուած ծրագիրը դարձաւ իրականութիւն, որը աւերեց Սիրիան, մասնաւորապէս` պատմական շրջանները, որպէսզի Իսրայէլը մնայ միակ հին քաղաքակրթութիւնը Մերձաւոր Արեւելքում: Վերը նշուած 80-ականների ծրագիրը յայտնի է որպէս սիոնական գործիչ «Եինոնի ծրագիր», որը անհրաժեշտ էր համարում մասնատել Մերձաւոր Արեւելքի երկրները, որպէսզի Իսրայէլը անվտանգ գոյատեւի:

Ըստ նրա, Սիրիան պէտք էր բաժանել մի քանի փոքր երկրների` ալեւիական պետութիւն (ծովափնեայ), սիւննիական պետութիւն (հիւսիսում), սիւննիական պետութիւն (մայրաքաղաքի շրջան, հակադիր հիւսիսին) եւ տիւրզիական պետութիւն (հարաւում): Վերոնշեալ ծրագիրը մեր ժամանակներում առաջ քաշեց Միացեալ Նահանգների արտաքին գործերի նախկին նախարար Քոնտոլիզա Ռայսը եւ յայտնի դարձաւ որպէս «Նոր Մերձաւոր Արեւելք»-ի տեսութիւն: Միացեալ Նահանգների Իրաք ներխուժումը տեղի ունեցաւ այս խորապատկերին` նորից բզկտել Իրաքը եւ բաժանել երկիրը ըստ կրօնական դաւանանքի: Ռայսի ծրագիրն աւելի ընդարձակ էր, որն իր մէջ ներառում էր նաեւ Թուրքիան, որտեղ ստեղծուելու էր Քիւրտիստան` Արեւմտեան Հայաստանի հաշուին, Իրաքից, Սիրիայից եւ Իրանից նոյնպէս հողեր միացնելով Քիւրտիստանին:

Գալով ներկային` յստակ կարող ենք նշել, որ այս ծրագիրն իրականութիւն չդարձաւ հիմնականում այն պատճառով, որ Սիրիան զուտ արաբական երկիր համարելը մեծագոյն սխալ կը լինի` հաշուի առնելով նրա բազմադարեայ պատմութիւնը: Այն գոյութիւն է ունեցել նախքան արաբների ծագումը: Սիրիան քրիստոնէութեան հիմնական սիւներից է հանդիսանում, իր ստեղծման օրից եւ մինչ օրս կանգուն են քրիստոնէական սրբավայրերն ու նրանց շուրջ հաւաքուողները: Անտարակոյս այդ հազարամեայ մշակոյթը ներծծուած է Սիրիայի ժողովրդի մէջ` անկախ կրօնական պատկանելիութիւնից եւ դաւանանքից: Այժմեան Սիրիայի ժողովուրդը տասնամեակներից ի վեր վայելում է աշխարհիկ կեանքը եւ հանդուրժող է տարբերուողների նկատմամբ, նոյնիսկ սիւննի իսլամների մեծ մասը պարտաճանաչ չէ իսլամական պարտաւորութիւնների հանդէպ: Յաճախ կարելի է հանդիպել մի ընտանիքում քոյրերի, որոնց ոչ բոլորն են կրում գլխաշոր, տղամարդկանցից ոչ բոլորն են յաճախում մզկիթ, եւ շատերը օգտագործում են ալքոհոլային խմիչքներ, որոնք ազատօրէն վաճառւում են խանութներում:

Այսինքն, հակառակ որ գոյութիւն ունի սիւննի պահպանողականութիւն Հալէպում եւ Համայում, սակայն մեծամասնութիւնը հանդուրժող է, ընտելացող ու շփուող Սիրիայում տարբեր ազգերի եւ կրօնների ներկայացուցիչների հետ: Սիրիայի դէմ պատերազմ մղողները չհասկացան այն նրբութիւնը, որ Սիրիայի տարածքում անկարելի է ստեղծել ժողովրդի մեծամասնութեան կամքին հակառակ իսլամական պետութիւն, որը ցանկութիւն ունի յետհայեացք նետել ու վերադառնալ այն կեանքին, որը գոյութիւն ունէր Մոհամետ մարգարէի ժամանակ Արաբիայում, սրա վառ ապացոյցը այն տեսարաններն են, որտեղ քաղաքացիները փախչում էին այն տարածքներից, որտեղ իսլամականները հիմնել էին իրենց պատկերացրած փոքր պետութիւնները` Ռաքքայում եւ Արեւելեան Ղութայում:

Մարդկանց այդ վայրերում պահում էին ստիպողաբար եւ ենթարկում էին իրենց անմարդկային օրէնքներին: Երկրորդ կարեւոր հանգամանքը ազգային արժէքների գոյութիւնն է, որն ունի խորը արմատներ` սկսած Օսմանեան կայսրութեան դէմ ազատագրական պայքարներից մինչեւ մեր օրերը: Հայր Ասատի ժամանակաշրջանից դրուեց Իսրայէլի դէմ պայքարի սկիզբը` փորձ անելով միաւորել ամբողջ արաբական աշխարհը, որն առաջացրեց մեծ ոգեւորութիւն: Աւելի՛ն. Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Նասէրի ազգային քաղաքականութիւնը միացրեց այս երկու երկրները` Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգների քաղաքականութեան դէմ, Սառը պատերազմի ժամանակաշրջանում: Ապտել Նասէրը մինչ օրս արաբական աշխարհում ամենայիշատակուած քաղաքական գործիչն է: Պատմութիւնը ցոյց տուեց, որ Սիրիայի ժողովուրդն ունի ազգային գիտակցութիւն, եւ նա կարողացաւ ըմբռնել, թէ Միացեալ Նահանգները ինչպիսի՛ տրամադրութիւններ ունեն Մերձաւոր Արեւելքում: Այս ամբողջ բացատրութիւնը համարեցի կարեւոր, որպէսզի յստակ լինի, թէ ինչո՛ւ ժողովրդի մեծ մասը չմիացաւ ընդդիմութեանը, որի արդիւնքում էլ ընդդիմութիւնը մնաց մենակ` ծայրամասերի բնակչութեան անգրագէտ զանգուածների հետ, որոնք էլ պատճառ դարձան այս արիւնալի պատերազմին` հաւատալով, որ զինեալ իսլամականները եկել են Աստծոյ կողմից` նրանց փրկելու: Այժմ Սիրիան կիսաւեր վիճակում է, կան շրջաններ, որտեղ շինութիւններն ամբողջապէս հաւասարուել են գետնին, սակայն շրջաններ էլ կան, որտեղ կեանքը ընթանում է այնպէս, ասես ոչ մի պատերազմ էլ տեղի չի ունեցել, եւ ժողովուրդը շարունակում է ապրել իր առօրեայ կեանքով: Ճիշդ է` Սիրիան տասնամեակներ յետ գլորուեց եւ հարցական է, թէ ե՛րբ կը կարողանայ նորից հասնել իր փառքին, սակայն մեծ հաշուով ես համարում եմ, որ Սիրիան յաղթած դուրս եկաւ այս կործանիչ պատերազմից` պահելով տարածքային ամբողջականութիւնն ու ժողովրդի մեծամասնութեան կողմից ընտրուած իշխանութիւնը: Արդէն յստակ է, որ ուահապական իսլամական մոտելը, որը պարտադրւում էր Սիրիային, տանուլ տուեց: Այս պատերազմով տեղի ունեցան միջազգային ուժերի վերադասաւորումներ. Սիրիայի տարածաշրջանային եւ միջազգային դաշնակիցները` Իրանը, Ռուսաստանը եւ Չինաստանը փոխեցին աշխարհի միաբեւեռ ընթացքը, եւ միջազգային յարաբերութիւններում ստեղծուեց երկբեւեռ համակարգ:

Սիրիայի պատերազմի անկանխատեսելիութիւնն ու ընթացքը շփոթման մէջ գցեց նոյնիսկ տարածաշրջանին քաջածանօթ մասնագէտներին ու վերլուծաբաններին, սակայն Իրանի եւ Ռուսաստանի ռազմական ներգրաւուածութեամբ յստակ դարձաւ, որ այս երկու ուժերն այլեւս չեն հանդուրժելու Միացեալ Նահանգների եւ նրանց դաշնակիցների ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը: Աւելի՛ն. այս պատերազմի բռնկման պատճառով ստեղծուեց ոչ թէ միայն երկբեւեռ միջազգային համակարգ, այլ` ազգային գաղափարախօսութեամբ օժտուած երկրների (Սիրիա, Ռուսաստանի Դաշնութիւն, Իրան, Չինաստան) միախմբում: Այս առանցքին միանալու են Երրորդ աշխարհի այն պետութիւնները, որոնք ճնշուած են Միացեալ Նահանգների եւ նրանց դաշնակիցների կողմից: Յաջորդ յօդուածում անդրադառնալու եմ վերոյիշեալ առանցքի երկրների քաղաքականութեանը` Սիրիայի պատերազմի համապատկերում:

 

 

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Ապրիլ Բ.- Սուրիական Տագնապը Նոր Փուլի Սեմի՞ն

$
0
0

Երբ հակամարտութեան մը կողմերէն մէկը յաճախակի սպառնալիքներով ու նախազգուշացումներով հանդէս գայ, պատերազմի հաւանականութիւնը բացառուած կը համարուի, քանի որ պատերազմը անսպասելի յարձակումներով եւ ոչ թէ փոխադարձ նախազգուշացումներով կը բռնկի: Ռազմական ուժերու կուտակումը, սակայն, պատերազմի հաւանականութեան կարելիութիւնը կը յուշէ:

Սուրիական բեմի վրայ այս երկու բեմագրութիւններն ալ առկայ են այս օրերուն:

Գերպետութիւններու բանաւոր կռիւն է, որ իրավիճակի սրման կ’առաջնորդէ` հասնելու աւելի մեծ սակարկութիւններով բանակցելու փուլի, կամ բռնկեցնելու լայնածաւալ պատերազմ մը, որուն մասին սպառնական խօսքերու ալիք կը բարձրացնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը` առանց Փենթակոնի հաւանութիւնն իսկ ստացած ըլլալու:

Իսրայէլէն Միացեալ Նահանգներ, Անգլիա  ու Ֆրանսա հոգեբանական ծրագրուած պատերազմ մը ծայր կ’առնէ` նախ բանաւոր սպառնալիքներու լեզուով, մինչեւ ուժերու վերջնական կուտակումն ու արեւմտեան երկիրներու տեսակէտներուն համադրումը: Միացեալ Նահանգներ կը սպառնայ Ռուսիոյ իր «ուշիմ հրթիռներ»-ով, իսկ Ռուսիա կը սպառնայ քանդել Սուրիոյ արեւելեան տարածքին վրայ տեղակայուած ամերիկեան ռազմակայանները, Միջերկրականի մէջ «ուշիմ» հրթիռներու արձակման վայրերը, միեւնոյն ատեն երեւան հանել Ղութայի մէջ քիմիականի օգտագործման թեզին ամբողջ կեղծիքը, որով Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն ի նպաստ իրեն կողմնորոշել Արեւմուտքի հանրային կարծիքը:

Միւս կողմէ` Ռուսիոյ նախագահը կոչ կ’ուղղէ հաւասարակշռուած ու խելամիտ բանակցութիւններ վարելու սուրիական տագնապին  գծով` զերծ մնալով տարածաշրջանն ու ողջ աշխարհը վտանգի ենթարկելու արկածախնդրութենէն:

Այսուհանդերձ, ներկայ պահուն սպառնական փոխադարձ խօսքերու ալիքով կ’ողողուի կացութիւնը:

Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ ամրապնդուող դիրքերը վերակազմել սկսան Արեւմուտք-Միացեալ Նահանգներ դաշինքը, որ Իրանի հետ հիւլէական ջերմուժին շուրջ համաձայնութեան օրերուն ենթակայ էր տարտղնումի: Քրտական գործօնին թուլացումը սահմանափակեց տարածաշրջանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը: Միւս կողմէ` սուրիական բանակին յառաջխաղացքը, յատկապէս հարաւային կարգ մը շրջաններու զինեալ ահաբեկիչներէ ազատագրումը մտահոգեց Իսրայէլը: Սուրիական պատերազմի նախորդ 7 տարիներուն այդ շրջաններու ահաբեկչական խմբաւորումներուն զօրակցելով` վերջինս պատուար մը յառաջացուցած էր Ռուսիա-Իրան-Սուրիա- լիբանանեան դիմադրութիւն առանցքին դէմ:

Այս առանցքին թուլացումն է արեւմտեան դաշինքի եւ Իսրայէլի հիմնական նպատակը:

Օրերս Սուրիոյ մէջ ժողովրդային մակարդակով թէեւ անտարբերութիւն կը տիրէ յաճախակիօրէն կրկնուող այս սպառնալիքներուն նկատմամբ, այնուհետեւ պաշտօնական կողմեր անոնց տուն տուող երկու հաւանականութիւններն ալ նկատի կ’առնեն:

Առաջինը յարձակումի հաւանականութիւնն է, որուն հակադարձելու եւ ամերիկեան խարիսխները հարուածելու կը պատրաստուին ռուսական եւ սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը:

Երկրորդը զիջումներ խլելու միտումով յառաջ մղուող հոգեբանական պատերազմի հաւանականութիւնն է, որ ժամանակաւոր է եւ հակամարտող կողմերը բանակցութիւններու նոր փուլի մը կրնայ առաջնորդել:

Երկու հաւանականութիւններն ալ առկայ են այսօր սուրիական պատկերին մէջ:

Այս թոհուբոհին մէջ Թուրքիոյ ներկայութիւնը նոյնքան մտահոգիչ է:

Թուրքիա թէեւ համաձայնութիւն կնքած է ռուսական կողմին հետ, սակայն Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութեան կարելիութիւնն ալ չէ անտեսած ու,  պատերազմ ծագելու պարագային, կրնայ դիւրութեամբ շրջել իր ուղղութիւնը` յանուն իր շահերուն, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ օրեր առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, պատասխանելով Լաւրովի` Աֆրինը Սուրիոյ կառավարութեան յանձնելու կոչին, յայտնած էր, որ Թուրքիա պատրաստ չէ յանձնելու զայն: Տակաւին, ինչ խօսք, ինչպէս սուրիական Ճարապլուսի, այնպէս ալ` Աֆրինի մէջ ծածանող թրքական դրօշներուն մասին:

Թուրքիա ներգրաւուած է երկու բեւեռներուն մէջ ալ եւ հակամէտ է որեւէ պահի փոխելու իր դիրքորոշումը ու բռնագրաւած իր տարածքները ենթահող ունենալով` սրելու սուրիական տագնապը, այս անգամ` ի նպաստ արեւմտեան բեւեռին գործելով:

«Գ.»

«Հայաստանէն»…«Կիլիկիա»

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Նոր փոխադրուած էինք Պուրճ Համուտ: Բոլորովին տարբեր միջավայր մըն էր, այնքա՜ն տարբեր` Էշրեֆիէի մեր բնակած 12 հայ ընտանիքներէ բաղկացած «Փոքրիկ Հայաստանէն»:

Փոքրիկ Կիլիկիա մըն էր Պուրճ Համուտը` Նոր Սիս, Նոր Մարաշ, Նոր Ատանա, Նոր Կիլիկիա եւ Ամանոս թաղամասերով:

Իւրաքանչիւր թաղամաս` օժտուած իր դպրոցով, եկեղեցիով ու ակումբով:

Էշրեֆիէի մէջ, իրարմէ բաւական հեռու, կը հանդիպէինք քանի մը «Հայաստաններու»:

«Ազատամարտ» ակումբի ետեւը կը գտնուէր Բաղնիքին բակը: Բնակչութիւնը 100 տոկոսով հայ էր: Այդ փոքրիկ «Հայաստանը» տուած է նշանաւոր մտաւորականներ, բարձրաստիճան կղերական մը եւ տասնեակ մը մարզիկներ: ՀՄԸՄ-ի անունը պանծացուցած մարզիկներ, մեծամասնութեամբ` հեծելարշաւի նուիրեալներ, որոնցմէ մէկ քանին հետագային տիրացած են Լիբանանի ախոյեանութեան:

Տարբեր «Հայաստան» մըն էր Ճերմակ տուներու շրջանը: Հոն եւս բնակիչները  ամբողջութեամբ հայեր էին: Թէ ինչո՛ւ այդ թաղամասը «Ճերմակ տուներ» անունով ճանչցուած էր, այդ մասին նոյնիսկ չէինք մտածած: Շատ հաւանաբար, սկզբնական շրջանին, բոլոր տուները ճերմակ ներկուած ըլլալու էին, յար եւ նման` Միացեալ Նահանգներու նախագահական ապարանքին, The White House.

Քարմ Զէյթուն շրջանը համեմատաբար աւելի ընդարձակ թաղամաս մըն է եւ հայկականացած անունով կը կոչուի Հայաշէն:

Օժտուած է հայկական եկեղեցիով, դպրոցով ու ակումբով եւ տուած է շատ մը նշանաւոր դէմքեր:

Մեր Պուրճ Համուտ փոխադրուած տարիներուն անիկա տակաւին գիւղաքաղաքի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր: Կը հանդիպէինք կանաչեղէն ծախող իշապաններու, փերեզակներու, ինչպէս նաեւ` մունետիկի մը, որ ժողովուրդին իր «ծանուցումները» կը յայտարարէր… թրքերէն լեզուով: Լիբանանի` այդ փոքրիկ «Կիլիկիոյ» մէջ, արաբերէն լեզուին շատ քիչ կը հանդիպէինք: Փոխարէնը` հայերէն եւ թրքերէն խօսակցութիւններ կը հասնէին մեր ականջներուն:

Պուրճ Համուտը Պէյրութ քաղաքէն կը բաժնուի գրեթէ միշտ ցամքած գետով մը` Նահր Պէյրութ, որ ձմեռուան անձրեւներու առատ շրջանին միայն գետի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր, սակայն անմիջապէս որ անձրեւները նուազէին, գարշահոտութիւն բուրող վայր մըն էր Նահարի գետը:

Մանկութեանս տարիներուն ինծի նման շատերու համար Պուրճ Համուտը ճանչցուած էր Նահար անունով:

«Կիլիկիոյ» մէջ թրքախօսութիւնը բնական երեւոյթ էր այդ տարիներուն, սակայն թաղամասերը, բոլորը անխտիր, հայկական անուններով ճանչցուած են, մինչեւ իսկ շարժապատկերներու սրահներէն շատերը հայկական անուններ կը կրէին` Արաքս, Սեւան, Քնար, Գերմանիկ:

«Հայաստան»-ի մէջ հազուադէպ էր թրքախօսութիւնը, սակայն քանի մը թաղամասեր կը կրէին թրքերէն անուններ, ինչպէս` Սեփեթ տուրմազ եւ Ղըրմըզը ղազըխ, որոնց իմաստը չէի գիտեր: Ծնողքս հայախօս էին: Պուրճ Համուտ փոխադրուելէն ետքն էր, որ որոշ չափով «զարգացուցի» թրքագիտութիւնս: Սկսած էի հասկնալ, սակայն մինչեւ օրս բնաւ չեմ գործածած ցեղասպան ազգի լեզուն:

«Քանի լեզու որ գիտես, այդքան մարդ ես», կ՛ըսեն շատեր:

Կը նախընտրեմ նուազ «մարդ» ըլլալ եւ չգործածել այդ անճոռնի լեզուն:

Պուրճ Համուտի մայր ճամբուն ամենամօտն էր Մարաշ թաղամասը, եւ այդ մէկը պատճառ դարձաւ, որ մնացեալ թաղամասերէն  աւելի շուտ յառաջդիմէ:

Կողք կողքի, կօշկակարի փոքրիկ արհեստանոցներով լեցուն, Նոր Մարաշ բոլորովին տարբեր էր միւսներէն: Հայ արհեստաւորներու մուրճերուն համաչափ զարկը միալար երաժշտական մեղեդիի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր: Մուրճերու իւրաքանչիւր հարուածին կարծես որպէս ընկերակցութիւն` թրքերէն, հայերէն, երբեմն ալ արաբերէն երգի մը մէկ հատուածը կը լսուէր, որ յանկարծ կ՛ընդհատուէր, երբ փողոցէն գեղեցկադէմ երիտասարդ օրիորդ մը անցնէր, մուրճի զարկերն ու երաժշտական յանգերը կը փոխարինուէին «փաղաքշական» խօսքերով` հանդէպ այդ անցորդին, որ շիկնելով` կը դիմէր փողոցին հակառակ կողմը, եւ այս անգամ այդ կողմի մուրճերու հարուածները կանգ կ՛առնէին մինչեւ օրիորդին հեռանալը:

Աւելի ուշ Նոր Մարաշը իր Արաքս պողոտայով դարձաւ նշանաւոր շուկայ, իսկ Պուրճ Համուտի կօշկակարները` ամբողջ Լիբանանի ամենանշանաւոր կօշիկ արտադրողները:

«Մենք քիչ ենք, սակայն` կօշկակար կոչւում,
Մենք մեզ ո՛չ մէկից չենք գերադասում,
Պարզապէս դո՛ւք էլ պիտի ընդունէք,
Որ մե՛նք, միա՛յն մե՛նք կօշիկ կը կարենք»: 

(Ս. Սարգիսեան)

***

Նոր Մարաշի Ժողովրդային տունը տակաւին չէր կառուցուած: Քանի մը տարի ետքն էր, որ հիմնաքարը դրուեցաւ, եւ շատ չանցած` կառուցուեցաւ իր «Սարդարապատ» ակումբով, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահով եւ մարզադաշտով` կողքին ունենալով Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Պուրճ Համուտի առաջին ազգային երկրորդական վարժարանը:

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը տակաւին չէր ամբողջացած: Պատերը չէին ծեփուած: Նոյնիսկ բեմական լուսաւորում չունէր, սակայն այդ կիսակառոյց վիճակին մէջ իսկ տեղի կ՛ունենային ընդհանրապէս զուարճալի թատերախաղեր: «Չարշըլը Արթին աղա», «Բանաստեղծ ընտանիքը» եւ նման թատերախաղեր, որոնք ո՛չ մէկ գեղարուեստական արժէք կը ներկայացնէին, սակայն այդ տարիներուն թաղեցի կէս հայախօս, կէս թրքախօս հայերուն մէջ արթնցուցած էին հայ թատրոնի սէրը:

«Բանաստեղծ ընտանիքը» թատերախաղին մէջ կը հանդիպէինք տողերու, որոնք ներկայ  գտնուող հանդիսատեսներուն կուշտ ու կուռ կը խնդացնէին:

«Հազիւ արեւը մարը մտած`
Հեռուէն յանկարծ էշ մը զռաց»:

«Ինձ մի զարներ, ամա՜ն, ա՜խ,
Վրադ ցանեմ… պղպեղ աղ»:

Կատարեալ խեղկատակութիւն կարելի է կոչել նման «բանաստեղծութիւններ»-ը, որոնք վստահաբար ազդուած էին թրքերէն անիմաստ երգերէ:

Արարներուն միջեւ դադարները յաճախ կ՛երկարէին աւելի քան կէս ժամ: Բեմի ետին կը լսուէր բեմայարդարներուն մուրճի հարուածներու ձայնը:

«Տեքոր»-ի փոփոխութիւն:

* * *

Պուրճ Համուտ արտադրած է մեծ թիւով մտաւորականներ, արուեստագէտներ, բեմադրիչներ եւ դերասաններ:

Սկզբնական շրջանին թրքերէն երաժշտութիւնը տիրապետող եղած է: Նշանտուքի, խօսքկապի եւ հարսանիքի խրախճանքները շատ յաճախ թրքերէն երգերով կը խանդավառուէին, իսկ նուագախումբերը կը բաղկանային երկու կամ երեք հոգիներէ, առաւելաբար` արեւելեան նուագարաններով:

Տարիներ ետք երաժշտական գործիքները փոխարինուեցան  արեւմտեան նուագարաններով, եւ հայ տղոցմէ կազմուած նուագախումբերու եւրոպական երգերը կը լսէինք ամէնուրեք:

Լիբանանի նուագախումբերու եւ երգիչներու ջախջախիչ տոկոսը հայեր եղած են, որոնց մեծ մասը` Պուրճ Համուտի բնակիչներ: Աւելի ուշ եւրոպական երգերը փոխարինուեցան  հայերէն էսդրատային երգերով: Թրքախօսութիւնը զգալիօրէն նուազած էր, թրքերէն երգերը հայ տուներէն դուրս նետուած եւ փոխարինուած էին հայերէնով: Տիսքոթէքներէ ձայնասփռուած հայերէն երգերը կը թնդացնէին Պուրճ Համուտի փողոցները:

«Կիլիկիա» դարձած էր փոքրիկ «Հայաստան» մը:

«Մենք քիչ ենք, սակայն երգիչ ենք կոչւում,
Մենք մեզ ամէնքից ենք գերադասում,
Պարզապէս դո՛ւք էլ պիտի ընդունէք,
Որ մե՛նք, միայն մե՛նք լաւ երգել գիտենք»:

(Ս. Սարգիսեան)

***

Պատերազմ է: Փողոցները ամայի: Ամէն անկիւնի վրայ կը հանդիպինք հայ զինեալներու:

Երբեմնի երաժշտութիւնը փոխարինուած է… աւերիչ ռումբերով եւ զէնքերու կրակոցներով:

Պէյրութ քաղաքը սկսած է յիշուիլ «արեւելեան» եւ «արեւմտեան» մակդիրներով:

«Արեւմտեան» Պէյրութի հայութեան մեծ տոկոսը փոխադրուած է «արեւելեան» շրջան:

Ներգաղթողներու, իսկ աւելի ուշ` արտագաղթողներու բնակարաններէն շատերը ծախուած են լիբանանցի արաբներու: Լիբանան մնացած պուրճհամուտաբնակ հայերէն շատեր փոխադրուած են Անթիլիասի եւ Ռապիէի շրջանները, եւ այդ պատճառով երբեմնի 100 տոկոս հայերով բնակուած Պուրճ Համուտի հայութեան թիւը զգալիօրէն նուազած է, սակայն ազգային հաստատութիւններէն շատերը, ինչպէս` առաջնորդարան, հայ մամուլ, փոխադրուած են Պուրճ Համուտ:

Մինչեւ օրս Պուրճ Համուտ հայութեան բաբախող սիրտն է:

Պուրճ Համուտի հայկական ազգային վարժարանները համախմբուած են մէկ յարկի տակ` Ազգային Միացեալ վարժարան:

Ներկայիս Պուրճ Համուտի հայ բնակչութեան մէջ բնական երեւոյթ դարձած է հանդիպիլ սուրիացի գաղթականներու եւ… քիւրտերու:

Կը հանդիպինք բաւական մեծ թիւով սուրիահայ գաղթականներու, որոնք ժամանակաւոր հաստատուած են Պուրճ Համուտ եւ համբերութեամբ կը սպասեն Քանատա գաղթելու իրենց օրինաւոր թուղթերուն:

* * *

Պուրճ Համուտի հայութեան թիւը նուազած է, սակայն թաղերը տակաւին կը կրեն Կիլիկիոյ քաղաքներուն  անունները:

Կար նաեւ շրջան մը, որ ժամանակին ճանչցուած էր անձի մը անունով:

Մուրատ էր անունը: Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին դէմը իր կրպակը ունէր եւ փախստական ծխախոտ կը ծախէր: Կը գործէր սանձարձակ: Նոյնիսկ ոստիկանութիւնը չէր համարձակեր մօտենալ իրեն:

Հաւանաբար տարիներ առաջ այդ շրջանին մէջ կամուրջ մը գոյութիւն ունեցած ըլլալու է, եւ այդ շրջանը իր անունով կ՛անուանէին` «Ճըսըր Մուրատ» (Մուրատի կամուրջ):

Պուրճի հրապարակ փոխադրող փոխադրակառքերու վարորդներն ու իրենց օգնականները, որոնք աւելի ծանօթ էին արաբերէն «մաաուին» մակդիրով, բոլորը անխտիր հայեր էին: Մեծամասնութեամբ` թրքախօս, եւ իրենց բառամթերքը «հարուստ» էր հայհոյանքներով: Բնականաբար` թրքերէն  հայհոյանքներ:

Երբ հասնէին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակը (այդ տարիներուն հրապարակ գոյութիւն չունէր), յաճախորդներուն բարձրաձայն կը յիշեցնէին` «Ճըսըր Մուրատ», եւ փոխադրակառքէն վար իջնողներէն քանի մը հոգին «Ճըսըր Մուրատ»-էն անցնելով` կը դիմէին Մուրատին` օրինաւոր «Ռեժի» ծխախոտներէն շատ աւելի յարմար գինով փախստական ծխախոտ գնելու:

* * *

Քաղաքի շրջանէն հայ մը այցի եկած է Պուրճ Համուտ բնակող իր բարեկամին: Ինքնաշարժը կը շարէ խանութի մը առջեւ, երբ կը պատրաստուի բարձրանալ շէնքի աստիճաններէն, խանութպանը մօտենալով` կը զգուշացնէ, որ իր խանութին առջեւ չշարէ ինքնաշարժը:

«Հոս, շարելը արգիլուած է», կ՛ըսէ թրքերէն լեզուով:

Այցելուն կը պատասխանէ:

– «Շատ կը ներէք, սակայն թրքերէն չեմ հասկնար», եւ կը խնդրէ, որ թարգմանէ հայերէնի:

Խանութպանը սաստիկ ջղայնացած (նաեւ զարմացած) շառաչիւն ապտակ մը իջեցնելով այցելուին երեսին`

«Դուն ի՞նչ տեսակ հայ ես… որ թրքերէն չես գիտեր»:

Այդպէս էր մեր սիրելի Պուրճ Համուտը:

 

Լոս Անճելըս, 2018


Երկու Յովհաննէս` Երկու Մեծ Մարդ

$
0
0

ՆԱՐԻՆԷ ԹՈՒԽԻԿԵԱՆ-ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

«Ծնուել եմ 1868 թուականին եւ մինչեւ այսօր դեռ չեմ մեռել, թէեւ մեռնելու համար ունեցել եմ բազմազան ու խիստ բարենպաստ առիթներ, մի քիչ յամառ ու հաստակող ծերուկ եմ ես»…Երբ աշակերտական տետրակի 59 էջերի վրայ Յովհաննէս Քաջազնունին ի պահ էր տալիս իր դժուար, դժբախտ կեանքի յուշերը, բնաւ չէր պատկերացնի, որ ապրելու մնացել է ընդամէնը 2 տարի: Եւ որ մեռնելու համար անցեալում ունեցած «բազմազան ու խիստ բարենպաստ առիթները» խամրելու են պոլշեւիկեան «տեռոր»-ի հանդէպ:

Յուշատետրակի էջերից մէկում մատիտով նշուած կեանքի կարեւորագոյն փաստերի մէջ արձանագրուած է. «Ծանօթացել եմ Թումանեանի հետ 80-ական թուականների վերջին»:

Նա Յովաննէս Թումանեանից մեծ էր 1 տարի մի քանի օրով: Երկու Յովհաննէսները միմեանցից այնքան տարբեր էին եւ միեւնոյն ժամանակ` այնքա՛ն նման: Օրինակ` քաղաքական եւ գրական հարցերի շուրջ բանավէճերում նրանց համոզմունքներն ու տեսլականները, որպէս կանոն, հակոտնեայ էին: Իբրեւ հայրեր` ունէին նոյն վիշտը. երկուսն էլ պատերազմում զաւակ էին կորցրել: Երկու Յովհաննէսների ընտանիքների ճակատագրերը համընկնելու էին 1938 թուականին: Բայց նրանց ամենամեծ նմանութիւնը մարդու ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ տիպար լինելն էր: Նրանք երկուսն էլ օժտուած էին բարձրագոյն արժէքներով` վեհանձնութեամբ ու ազնուութեամբ:

«Մենք բարեկամ ենք եղել բառիս ամենալաւ իմաստով. ահա՛ պարզ իրականութիւնը: Աւելի քան 30 տարուայ ընթացքում ապրել ենք մտերմաբար, ունեցել ենք աղմկալի վիճաբանութիւններ, պատահել է, որ փիս հայհոյել ենք իրար, բայց երբե՛ք, ոչ մի օր չենք դադարել անկեղծ ու սրտագին բարեկամներ լինելուց: Եւ իմ անցեալ կեանքի ամենահիանալի էջերից մէկը եղել է Յ. Թումանեանի բարեկամութիւնը». Յ. Ք.

Քաջազնունին անթաքոյց խոստովանել է, որ եթէ Օհաննէսի փոխարէն` մէկ ուրիշը լինէր, ապա յատկապէս 1907-09թթ. քաղաքական իրադարձութիւնների շուրջ բանավէճերից յետոյ, ինչպէս ինքն է ասում` «մի կարճ մնաս բարով» կ՛ասէր եւ վերջ կը դնէր ամէն տեսակի բարեկամութեան: Բայց Թումանեանի հմայքը կախարդել էր նաեւ իրե՛ն: «Իրօ՛ք սիրելի էր Թումանեանը` բառիս ամենաբարձր իմաստով: Նա իրան սիրել էր տալիս` իբրեւ մի դիւթիչ երեւոյթ, իբրեւ մի գեղեցիկ հոգի: Անկարելի բան էր մի քիչ ճանաչել նրան ու չսիրել»: Իսկ իր անձնական, մասնաւոր տպաւորութեամբ նկատուած թերութիւնների մասին գրում է, թէ դրանք` «…կարծես սազ էին գալիս իրան, ամբողջացնում էին դէմքը, ինքնայատուկ գունաւորում ու հրապոյր էին տալիս, եւ եթէ չլինէին կամ վերացուէին,  կարծես մի բան կը պակասէր Օհաննէսից»:

Խորաթափանց եւ նրբազգաց Քաջազնունին նկատել էր իր բարեկամի բացառիկութեան դրոշմը եւ գնահատել այն: «Կան մարդիկ, որոնց չեն յարմարւում ընդհանուր չափանիշները: Եթէ ուզում էք հասկանալ սրանց ու արդարացիօրէն արժէքացնել, ապա պէտք է մօտենաք յատուկ չափանիշով: Այս կարգի մարդկանցից էր եւ Օհաննէս Թումանեանը»:

Քաջազնունին բարձր գնահատելով Թումանեանի գրական մուծումները մեր աղքատիկ գրականութեան մէջ` դրանք անուանել է գոհարներ: Բայց այս գնահատականը երբեք չկաշկանդեց նրան ստեղծագործական ինչ-ինչ հարցերում համամիտ չլինել բանաստեղծի հետ, բանավիճել նրա հետ, քննադատել նրան:

Շուտով նա ստանձնեց Թումանեանի երկերի հատորեակի կազմման եւ խմբագրման աշխատանքները: Գիրքը լոյս տեսաւ 1908թ., Պաքւում:

1908թ. Թիֆլիսից Ժընեւ, իր ընկերներից մէկին` Փիլիպոս Վարդազարեանին, Թումանեանը գրում է. «Բաքուեցիք գիրքս տպում են, մի շատ դժուար ժամանակի վրայ հասան մարդիկ: Գիրքս Քաջազնունին է խմբագրում: «Դէպի Անհուն»-ն ու «Պօէտն ու Մուսան» դուրս են ձգել: Արդէն տպարանումն է»:

Ի միջի այլոց, «Դէպի Անհունը» այն պօէմն էր, որ Քաջազնունու համար դարձել էր քննադատութեան թիրախ:

«Մարդն ու բանաստեղծը ես չեմ կարողացել բաժանել միմեանցից», խոստովանել է Քաջազնունին: Եւ հէնց այս անքակտելի միասնութիւնը հաստատող մի շարք անուշիկ յուշեր է գրառել նա իր աշակերտական տետրակի էջերին: Այսպէս` «Մի անգամ ռուս գրող Տանի (Բոգորազի) հետ գնում ենք երեքով` Ռազմավիրական ճանապարհով Թիֆլիսից Վլադիկավկազ: Ամառուայ տաք ու պայծառ օրեր էին:… Օհաննէսը առաջին անգամ էր տեսնում Մեծ Կովկասը: Յանկարծակիի էր եկել ու մի քիչ շուարել: Մինչ այդ, նա տեսել էր միայն Լոռուայ լեռները եւ ըստ այնմ կազմել իր գաղափարը սարի ու ձորի մասին: Այժմ Կովկասի վիթխարի, ահարկու զանգուածները տակնուվրայ էին արել իր հասկացողութիւնները… Երբ Կազբեկ կայարանից իջնում էինք Դարեալի կիրճը, յանկարծ դիմեց ինձ.

– Գիտե՞ս` ինչ է: Ասում եմ` էս երկիրը Աստուած ստեղծել է առաջին օրերում, երբ նիւթը առատ է եղել ու ինքն էլ դեռ անփորձ, չի իմացել չափն ու սահմանը, թէ չէ` էս բարձրութեան սա՞ր կը լինի, էս խորութեան ձո՞ր կը լինի:

Ես թարգմանեցի Բոգորոզին Թումանեանի ասածը: Սա լիաբերան ծիծաղեց:

– Չէ՛, ճիշդ չէ՞,- վրայ բերեց Օհաննէսը իր համարեա ռուսերէնով,- եթէ անփորձ չլինէր, էսպէս բան կ՛անէ՞ր… Լինում են երիտասարդ, անհաշիւ տանտիկիններ, որ ճաշը հիւրերին բաժանելիս` առաջին պնակները լցնում են լեփ-լեցուն, իսկ վերջիններին ոչինչ չի մնում…»:

Իսկ երկու Օհաննէսների բանավէ՞ճը` ազնուական ծագման մասին… Թումանեանը պարծենում էր, թէ ազնուական ծագում ունի, որ իր նախնիները Տարօնից են` Մամիկոնեան տնից: Թէ` զրոյցներ կան պահպանուած այս առումով: Քաջազնունին թերահաւատօրէն էր վերաբերւում այս ամէնին, անգամ` հեգնանքով: «Չգիտեմ, կա՞ր արդեօք որեւէ պատմական ճշմարտութիւն այդ «հին զրոյցների» մէջ: Գրազ կը գամ, որ չգիտէր նաեւ ինքը` Թումանեանը: Բայց գիտեմ հաստատապէս, որ «ազնիւ» լինելու համար Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Օհաննէս Թումանեանը ոչ մի կարիք չունէր Մամիկոնեաններից կամ նոյնիսկ Նաբուգոդոնոսոր արքայից սերուելու: Նա ի՛նքը ազնիւ էր ոտից գլուխ, ազնիւ էր այն իսկական, լիակշիռ ազնուութիւնով, որը տալիս էր մարդուն նուրբ ու վեհ հոգին, բարձր միտքը, լայն սիրտն ու մեծ գործը»:

Իր «Անկապ յուշեր»-ի վերջում (այսպէս է վերնագրել Յովհ. Քաջազնունին) նա խոստովանում է, որ հեշտ բան չի սիրածդ մարդու մասին խօսելը: Եւ որ` Թումանեանի յիշատակը այնքա՛ն թանկ է իր համար, որ «անարգած կը լինէի նոյն այդ յիշատակը, ապա եւ` արջի ծառայութիւն մատուցած, եթէ փորձ անէի «գեղեցկացնել» նրա դէմքը, մի բան ստուերի տակ թաքցնել, մի ուրիշ բան ինձանից աւելացնել կամ եղածը ծաղկեցնել… Թումանեանը գեղեցիկ էր ու սիրելի հէնց այնպէս, ինչպէս էր` իր թերութիւններով ու թուլութիւններով հանդերձ, եւ ոչ մի սրբագրչի բարեկամական ուղղումների կարիք չունէր, եւ եթէ վերեւում տուած իմ դիմագիծը այդ չի ասում, ապա ընթերցողը լաւ կ՛անի, որ պակասը վերագրի ոչ թէ մոտելին, այլ` պարզապէս գծողի ապիկարութեանը»:

 

 

 

Ընտրական Քրոնիկ. Իմ Քուէս` Հաշուետուութեան (Բ.)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Եւ ոչ միայն հաշուետուութիւն, այլ նաեւ` ի հարկին պատասխանատուութեան կանչելու քաջութիւն, յանդգնութիւն եւ հասունութիւն ունենալու մասին է խօսքը. ահա այսօրուան ահազանգը, որով պէտք է զինուիլ, արիանալ եւ լծուիլ մեր հաւաքական կեանքի տնօրինման: Ուրեմն ինչո՛ւ զարմանալ, երբ անհատական քուէն կ՛առնչենք վերոնշեալ պահանջատէր կեցուածքին` հաշուետուութեան, որ կարգախօսներու կամ սին խօսքերու շարքին անցեր է, առօրեայ մեր կեանքին մէջ առհասարակ եւ քաղաքական հարթակի վրայ ընդհանրապէս:

Ըսել ուզուածը այն է, որ համայնքայնութեամբ կառավարուող Լիբանան երկրին մէջ ճիշդ է, որ պետական-քաղաքական ամբողջ համակարգը կ՛ընթանայ որոշակի ուղղութիւններով եւ փոխադարձ շահերու հիման վրայ, այդուհանդերձ ժողովրդային խաւերուն մօտ (երիտասարդ թէ երէց) առկայ է այն գիտակցութիւնն ու համոզումը, որ առանց հաշուետուութեան գործօնին, կարելի չէ կառուցել երկիր թէ պետութիւն, ազգ թէ ընկերութիւն:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ ժողովրդավարական կարգեր եւ արդարադատական օրէնքներ երաշխիք են հաշուետուութիւն պահանջող անհատներու թէ հաւաքականութեանց իրաւունքներու ապահովման, մեր պարագային` Լիբանանի երկնակամարին տակ ապրողներուս համար, տակաւին նման սկզբունքներ կը յամենան կեանքի կոչուելու` մե՛րթ դիտաւորեալ ու մե՛րթ անըմբռնելի պատճառներով:

Ու այս պրիսմակէն դիտուած, հարց կրնայ տալ պահանջատէր քաղաքացին, որ գիտակցելով հանդերձ երկրի ահաւոր պայմաններուն (համատարած փտածութիւն, սղաճ, գործազրկութիւն, տնտեսական-ելեւմտական տագնապ, պետական թէ քաղաքական կեանքի ապառողջ տնօրինում, ախտաւոր համայնքայնութիւն, շահամոլ վարքագիծերու եւ բացայայտ կողոպուտի ասպարէզ, անհեռանկար եւ ստապատիր քարոզներու արշաւ եւ այլն, եւ այլն), ինչպիսի՞ մօտեցում եւ կեցուածք պէտք է ցոյց տալ, հաւատա՞լ վաղուան օրուան, թէ յանձնուիլ կատարուած իրողութիւններու կրկէսին:

Արդեօք խորհրդարանական ընտրութիւններու նոր օրէնքը պիտի կարենա՞յ յագեցնել պարկեշտ քաղաքացիին ծարաւը եւ առիթը ընծայել, գէթ անգամուան մը համար յայտնելու իր վճռական խօսքը:

Ինչ կը վերաբերի մեր ածուին, լիբանանահայութիւնը, որ անմասն չէ վերոյիշեալ բոլոր հարցերէն, արդեօք, իր կարգին, հաշուետուութիւն կատարելու հրամայական պահանջին դէմ յանդիման չի՞ գտնուիր, գիտակից չէ՞ նման գործընթացներու, չի՞ հաւատար անոնց, թէ՞ պարզապէս ակնդիր է անցուդարձերու եւ կ՛ուզէ ինքզինք զերծ պահել նման տաղտուկէ:

Ո՛չ, լիբանանահայութիւնը իր բոլոր շերտերով, քաղաքական հոսանքներով, թէ յարանուանութիւններով, եւ հակառակ գոյութիւն ունեցող սեփական տեսակէտներու, մօտեցումներու թէ կեցուածքներու, գիտակից է այն իրողութեան, որ զինք ներկայացնողն ու պաշտպանողը ան է, որ ունի եզակի կենսագրութիւն, հարուստ պատմութիւն, քաղաքական կենսափորձ եւ ծառայական գիտակցութիւն: Այսինքն` կուսակցական ներկայացուցչութիւն:

Սա չի նշանակեր, որ իբրեւ քաղաքական ներկայացուցչութիւններ զերծ ենք գործուած սխալներէ, մարդկային տկարութիւններէ, անձնականութենէ եւ շատ անգամ անպատասխանատու արարքներէ, խեղճացած գործելակերպերէ:

Այլ խօսքով` լիբանանահայութիւնը, որ կ՛ապրի դժուարին պահեր, կ՛երազէ ունենալ ապահով, խաղաղ ու բարգաւաճ երկիր, լաւապէս եւ մօտէն կը ճանչնայ իր անմիջական շրջապատն ու օտարականը, գիտակից է առկայ հարցերուն, տրուած խոստումներուն, թէ յամեցող անտարբերութիւններուն, աւելի՛ն. կը պոռթկայ, կը զայրանայ, կը բողոքէ շատ անգամ, կ՛ուզէ տարբեր ձեւերով լսելի դարձնել իր ազնիւ ձայնը` ի տես կատարուած անարդարութիւններու, թէ հաւաքական կեանքի ապիկար վարքագիծերու:

Այդուամենայնիւ, լիբանանահայը ունի՛ քաղաքական յիշողութիւն, յարգանք եւ երախտագէտի հասուն գիտակցութիւն: Ան հաւատացողն է, որ իր քուէն կը պարտաւորեցնէ դիմացինը, ապագայի խորհրդարանականը, որպէսզի ըլլայ աւելի զգաստ, պարկեշտ ու ազգային շահերու պաշտպան: Միւս կողմէ, լիբանանահայը լաւապէս կը ճանչնայ այն «օտար»-ականները, որոնք սունկի պէս կը բուսնին եւ ժամանակ մը ետք կ՛անհետանան:  Ահա` հաշուետուութեան եզակի օրինակ մը:

 

 

Ակնարկ. Ներկայ Ընտրակարգը Եւ Կուսակցութիւններու Դերը

$
0
0

100/100 Համամասնական ընտրակարգի տրամաբանութիւնը խորհրդարանական դաշտի կուսակցականացումը կ՛առաջադրէ: Համամասնական ընտրացանկերը փաստօրէն կը ձեւաւորուին կուսակցութիւններու առաջադրութիւններով կամ կուսակցութիւններու, քաղաքական հոսանքներու միջեւ կայացած դաշինքներով:

Բացարձակ համամասնականութիւնը քաղաքական այս փիլիսոփայութիւնը ներառած է իր մէջ, խորհրդարան հասցնելու համար քաղաքական կազմակերպ հաւաքականութիւններու նախընտրական ծրագիրները, միջկուսակցական բանավէճերը եւ անոնց հիման վրայ կայանալիք օրէնսդրութիւնը:

Ամէն տեղ չէ, որ մեր ընկալած հասկացողութեամբ կուսակցութիւններ գոյութիւն ունին եւ կը գործեն. մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն, տարբեր երկիրներու մէջ պատմութիւն, աւանդութիւն եւ մշակոյթ ունեցող գաղափարական կուսակցութիւնները ձեւափոխման, նաեւ ըստ էութեան բովանդակային փոփոխութիւններ կատարելու հարկադրանքով նոր տեսքով, նոր ծրագիրով կ՛աշխատին ներկայանալ իրենց ժողովուրդներուն եւ աշխարհին ընդհանրապէս: Քաղաքագիտական շուկան այս գործընթացներուն համար կ՛օգտագործէ վերափոխում, հայկական իրականութեան մէջ հետզհետէ գործածուող վերափաթեթաւորում, միջազգային քաղաքագիտութեան մէջ ռիպրենտինկ եզրերը:

Այս բոլորով հանդերձ սակայն բացարձակ համամասնութեան ընտրակարգի դրութեամբ կուսակցութիւններն են էական հիմնակէտը մեկնելու համար դէպի խորհրդարան: Եւ ձեւաւորելի խորհրդարանին համար բնականաբար բազմակուսակցական ներկայացուածութիւնը համակողմանի քննարկումներու լայն հնարաւորութիւն կու տայ:

Այս ընտրակարգի որդեգրումներու տարածման առընթեր հարց ծագած է, որ անհատի դերը այս բոլորին մէջ կտրուկ ձեւով տեղի կու տայ, յատկապէս ընտրութիւններուն ներկայանալու եւ խորհրդարան հասնելու իրաւունքը ոչ լիարժէք կարենալ օգտագործելու իրողութեան:

Համամասնականին ներառուած է այս պարագային վարկանշայինը, կամ նախապատուութեան (թաֆտիլի) ընտրակարգը: Տուեալ կուսակցութեան գլխաւորած ցանկը կը ներառէ այնպիսի անհատներ, որոնց ազդեցիկութիւնը կը նպաստէ համամասնական ցանկի համեմատութեան բարձրացման:

Առանց խորանալու ընտրակարգի թեքնիք մանրամասնութիւններուն մէջ, պարզապէս արձանագրենք, որ հիմը ուրեմն գործող համակարգին կուսակցական դաշտի կայացումն է, խորհրդարանը կուսակցութիւններով բաղկացնելու մօտեցումը:

Եւ եթէ հիմնաւորուածօրէն այս է առաջադրուածը, լիբանանցի քուէարկողը կուսակցութիւններու դերակատարութեան պահպանման եւ գերադասման սկզբունքի հիման վրայ պէտք է կատարէ իր ընտրական հաշուարկները:

Այս իրականութիւններէն գանք դէպի լիբանանահայ ընտրական իրավիճակ` նկատելու այնտեղ, որ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու մասնակցութիւններուն առընթեր ընտրական անհատ մրցակիցներ վարկանշային դրութեան ընձեռած կարելիութեան հիման վրայ խորքին մէջ կը մրցակցին, ընտրական մրցապայքար կը մղեն հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն դէմ:

Գաղափարական այս հիմնաւորումներով ալ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները ընտրարշաւի իրենց ելոյթներուն մէջ բազմիցս կ՛ընդգծեն, որ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն ներկայութիւնը Լիբանանի խորհրդարանին մէջ կը մնայ գերադասելի եւ համահունչ մեր սկզբունքներուն, նոյնիսկ եթէ կուսակցական թեկնածուները այսօր տարբեր ընտրացանկերով եւ քաղաքական տարբեր դաշինքներու հիման վրայ կը փորձեն հասնիլ խորհրդարան:

Թէկուզ տարբեր խորհրդարանական խմբակցութիւններու մէջ եղող, սակայն հայ քաղաքական կուսակցութիւններ ներկայացնող խորհրդարանականները, համայնքի այս կամ այն չափաբաժինը ներկայացնելով իրաւունքը վաստակած կ՛ըլլան ներկայացնելու  լիբանանահայութիւնը: Եւ վստահաբար նաեւ ինքնահոս մղումով  փաստը կու տան ազգային թէ համայնքային իրաւունքներու առաջադրման կամ արծարծման պահուն համախմբուելու:

Արտակուսակցական եւ արտահամայնքային առաջադրումներուն սատար կանգնելէ առաջ թէ՛ ընդհանրապէս լիբանանցի եւ թէ՛ մեր պարագային յատկապէս լիբանանահայ քուէարկողը այս իրականութիւններուն հետ հաշուի նստելու հարկադրանքին առջեւ է:

«Ա.»

Ռմբակոծումները Կայունութիւն Չեն Բերեր

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Շաբաթ, 14 ապրիլի արշալոյսին Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ վերջերս կազմաւորուած ռազմական դաշինքը ռմբակոծեց Սուրիան: Այսպիսով, ռազմական դաշինքին մաս կազմած պետութիւնները (գլխաւորութեամբ` Միացեալ Նահանգներուն) զինու զօրութեամբ իրենց քաղաքականութիւնները կ՛ուզեն պարտադրել Սուրիոյ:

Այսպիսի արտաքին զինուորական միջամտութիւններ մեզի կը յիշեցնեն 1956 թուականը, երբ Մեծն Բրիտանիան առաջնորդեց ռազմական գործողութիւն մը (Ֆրանսայի եւ Իսրայէլի հետ համագործակցաբար)` «Եռեակի յարձակում» նշանաւոր անունով: Յստակ էր բոլորին այդ զինուորական միջամտութեան նպատակը` վերջ տալ ՍուԷզի ջրանցքի պետականացման հոլովոյթին: Նոյնն է նաեւ այսօրուան ռմբակոծումներուն նպատակը, որ կը բխի զուտ այլ պետութեան մը ներքին հարցերուն միջամտութենէն:

Արտաքին զինուորական միջամտութիւնը, ռմբակոծումներն ու այլ զինեալ գործողութիւնները մեզի կը յիշեցնեն նաեւ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ 2003-ին Իրաքի մէջ եւ 2011-ին Լիպիոյ մէջ, երբ ծաւալապաշտ-ռազմապաշտ եւ նոր-գաղութատիրական (համաշխարհայնացումը գլխաւորող ուժեր) վայրագ գործողութիւններու պատճառով ստեղծուեցաւ անկայուն վիճակ, որ կ՛ընդգրկէր` քաղաքացիական պատերազմ, ցեղային, ազգային ու կրօնական-դաւանական տագնապներ, անապահովութիւն, պայթումներ եւ առեւանգումներ:

Քաղաքական ծանր պայմաններէն անդին` յատկանշական են նաեւ զինուորական միջամտութիւններէն ետք ստեղծուած ընկերային-տնտեսական ծանր պայմանները: Իրաքն ու Լիպիան օրինակներ կրնան դառնալ արտաքին զինուորական միջամտութիւններէն ետք հաստատուած տնտեսական համակարգին, որուն քաղաքականութիւնները կը պարունակեն քարիւղի բնագաւառի, կրթական եւ առողջապահական հաստատութիւններու, հանրային եւ ընկերային ծառայութիւններու ու ճարտարարուեստական կարեւոր ճիւղերու սեփականաշնորհումը` յանձնելով զանոնք համաշխարհային մեծ ընկերութիւններու (աւելի ճիշդ` մենաշնորհներու), որոնք յառաջացուցին` աղքատութիւն, անգործութիւն եւ փոքր ու միջին սեփական ձեռնարկութիւններու ոչնչացում, պետական հաստատութիւններուն մէջ (դպրոցներ, համալսարաններ, հիւանդանոցներ) խստամբերական քաղաքականութեանց որդեգրում, որոնք պատճառ դարձան վարչական փտածութեան, հիւանդութիւններու եւ անգրագիտութեան: Երկու գործօններու (սեփականաշնորհում եւ խստամբերութիւն) պատճառով Իրաքի եւ Լիպիոյ մէջ գլուխ բարձրացուց կրօնամոլութիւնը, որ իր կարգին ծնունդ տուաւ աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն: Այսպիսով, տնտեսական մակարդակի վրայ, յետռազմական միջամտութեան համակարգերը միայն յաջողեցան Իրաքն ու Լիպիան կապել նոր-ազատականութեամբ առաջնորդուած ընկերային-տնտեսական համաշխարհայնացման եւ ատկէ աւելի ոչինչ:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ, ապա պէտք է նշել, որ ներկայ վարչակարգին տապալումը աւելի խուճապային մթնոլորտ պիտի ստեղծէ, քան ինչ որ տեղի ունեցաւ Իրաքի կամ Լիպիոյ մէջ, որովհետեւ այսօր հոն կը գտնուին աշխարհի ամէնէն ծայրայեղ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները, ինչպէս` ՏԱՀԵՇ-ը, Քայիտան, Գորշ գայլերը եւ ուրիշներ, որոնց իշխանութեան գլուխ անցնիլը մեծ վտանգներ ու դուռ պիտի բանայ ո՛չ միայն Սուրիոյ, այլ նաեւ Միջին Արեւելքի շրջանին համար, որ կը տառապի կրօնական-դաւանական դարաւոր տագնապէ:

 

 

 

Դիմաւորել 100-ամեակը – 15. Ինչպէ՞ս Կը Վերաբերին Պատմութեան Եւ Ազգի Մէկութեան

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Պատմութիւնը յստակացումներու կարիք ունի` իր թուականներով եւ խորհրդանիշներով, իրադարձութիւններու ճշգրիտ վերծանումով:

Մեր պատմութիւնը` մանաւանդ մեզի համար:

Յայտարարութիւններու եւ արտայայտութիւններու հետեւողը յաճախ շուարումի կը մատնուի, եթէ ընթացիկէն հեռանայ: Այս օրերուն, երբ համազգային տարողութեամբ կ՛ուզենք նշել անդրանիկ անկախ հանրապետութեան 100-ամեակը եւ մերժումներէ ետք տիրութիւն ընել մեր պատմութեան, ինչո՞ւ ճիգ մը չընել մեր հանրապետութիւններու թուագրման ճշդման եւ ազգային տօնի սահմանման հարցերով:

Ազգային տօն մը օրացոյցի վրայ թուական մըն չէ միայն, այլ նաեւ` պատմութեան ամփոփում, յիշեցում,  ինքնութեան, ցանկութիւններու եւ ազգային քաղաքականութեան հայելի` կնքելով անցեալը:

Հայ ժողովուրդի Առաջին Անկախ Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունեցած է որպէս այդպիսին, հարիւրամեակ մը առաջ, այն պահուն, երբ կը գտնուէինք որպէս ազգ եւ հայրենիք ոչնչացման շեմին: Անուանումը ճիշդ է: Հարց կը ծագի խորհրդային շրջանին համար:

Ճիշդ է, որ Խորհրդային Հայաստանի համար ընդունուած էր հանրապետութիւն բառը, բայց ոչ մէկ ատեն չէր նշուեր, որ ան Երկրորդ Հանրապետութիւն էր, ինքզինք այդպէս չէր կոչեր: Այժմ հարց կը ծագի: Ինչո՞ւ այսօր ըսել Երկրորդ Հանրապետութիւն: Նկատի ունենալով, որ Խորհրդային Միութիւնը ՄԷԿ պետութիւն էր, ի՞նչ կը նշանակէր այդ ամբողջին մէջ Հայաստանի, Վրաստանի, Ուզպեքիստանի եւ միւսներուն համար գործածուող հանրապետութիւն բառը: Ան սոսկ վարչական նշանակութիւն ունէր, ոչ քաղաքական:

Հանրապետութիւնը քաղաքական ուրոյն միաւոր է, իսկ խորհրդային հանրապետութիւններու պարագային, բառը չէ՞ր այլասերած եւ չէ՞ր գործածուեր նահանգի իմաստով, ինչպէս որ են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներքին բաժանումները` երկրի կառոյցի բերումով:

Արդ, հարց է, թէ Խորհրդային Հայաստանը հանրապետութի՞ւն էր, թէ՞ ոչ, ճի՞շդ է զայն կոչել Երկրորդ Հանրապետութիւն, եզր, որ ծնունդ առաւ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք: Առաջին հանրապետութիւնը կը սահմանուէր ամէն կարգի վարկաբեկիչ բառերով, որոնց անդրադառնալը աւելորդ է:

Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին պարտուած Ֆրանսան ունէր պետութիւն, նախագահ, կառավարութիւն, բայց այդ ժամանակաշրջանին համար երբեք չգործածուեցաւ եւ չի գործածուիր հանրապետութիւն բառը, կ՛ըսեն` Վիշիի կառավարութիւն (պետութեան կեդրոնը այդ քաղաքը փոխադրուած ըլլալով, Ֆրանսայի պետութիւն): Երկիրը ունեցած է հինգ հանրապետութիւններ, բայց այդ շարքին մէջ տեղ չունին Ֆրանսայի պետութիւն կամ Վիշիի կառավարութիւն բնորոշումները: Լաւ պիտի ըլլար խորհրդային ժամանակի Հայաստանի պետութիւնը չկոչել երկրորդ հանրապետութիւն, որպէսզի յղացքի շփոթ չստեղծուի առաջին եւ այսօրուան հանրապետութիւններու հետ բաղդատութեան ըմբռնումներուն միջեւ:

Կրնանք համաձայն ըլլալ խորհրդային շրջանի դրական երեւոյթներուն մասին, չուրանալ, ինչ որ օգտակար եղած էր, բայց այդ բաւարար պատճառ չէ յղացքի (concept) շփոթութիւն ստեղծելու համար: Հանրապետութիւնը հանրութեան իշխանութիւն է, որ ինքզինք կ՛արդարացնէ ժողովուրդի կամքով, այսինքն` ժողովրդավարական ընտրութեամբ: Նշանակումները եւ կամ ժողովուրդի փոքրիկ հայրերը ժխտումն իսկ են հանրապետութեան եւ ժողովրդավարութեան ըմբռնումներուն:

Լաւ պիտի ըլլար, որ քաղաքական տեսաբաններ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական խորհուրդը քննէին եւ եզրակացնէին, թէ Հայաստանի խորհրդային պետութիւնը հանրապետութի՞ւն էր, թէ՞ ոչ:

Հանրապետութիւնը կը բնորոշուի սահմանադրութեամբ, որուն հիման վրայ կը ստեղծուի պետական համակարգ, կը գործեն իշխանութեան օղակները: Երբ կ՛ըսենք, որ ներկայիս Ֆրանսայի պետութիւնը հինգերորդ հանրապետութիւն է, պարզ է, որ այդ անուանումը չի վերաբերիր ո՛չ երկրի սահմաններուն եւ ո՛չ ալ բնակչութեան, այլ` սահմանադրութեան, որ կը ճշդէ կառավարման-իշխանութեան ոճը: Ֆրանսան չորրորդ հանրապետութեան խորհրդարանական կառավարման ձեւէն անցաւ հինգերորդ հանրապետութեան նախագահական վարչաձեւին, անուան փոփոխութիւնը եղաւ այդ հիման վրայ:

Այս տարի Հայաստանի երկրորդ (կամ երրո՞րդ) հանրապետութիւնը նախագահական վարչաձեւէն պիտի անցնի խորհրդարանականի:  Պիտի շարունակե՞նք գործածել երրորդ հանրապետութիւն եզրը, թէ՞ պիտի փոխենք դասական թուական ածականը: Այս անուանակոչումը եւս պէտք է յստականայ Սահմանադրական խորհուրդի որոշումով:

Կայ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային տօնի օրուան ճշդման հարցը: Ֆրանսական յեղափոխութենէն ի վեր եւ իրերայաջորդ հանրապետութիւններու ընթացքին, Ֆրանսան ունեցաւ մէկ եւ նոյն ազգային տօնը` 14 ՅՈՒԼԻՍը, որ խորհրդանիշ է: Առաջին հանրապետութիւնը որպէս ազգային տօն ընդունած էր ՄԱՅԻՍ 28-ը: Ներկայիս ՄԱՅԻՍ 28-ը ընդունուած է որպէս ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐ, իսկ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 21-ը` ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆ:

Հարց է, թէ ինչո՞վ կը տարբերին այդ զոյգ տօները: Ի՞նչ բանի համար է այս անտեղի կրկնութիւնը: Կարելի չէ՞ տօնական շատախօսութեան պերճանքէն հրաժարիլ եւ ընդունուած կարգով մէկի վերածել այդ նոյնիմաստ երկու տօները: Այս ալ նպաստ մը կ՛ըլլայ ներազգային միասնութեան: Վարչաձեւերը կը փոխուին, բայց ազգային տօնը կը մնայ նոյնը:

Երկուութիւն ստեղծող եւ բաժանում պատճառող բոլոր հարցերը մէկ առ մէկ պէտք է յստակացնել, ի հարկէ այսօրուան համար, բայց մանաւանդ` գալիքի: Երկու ազգային տօն ունենալու հարցը այսօր մեզ կը զարմացնէ, բայց յաջորդ սերունդները ի՞նչ պիտի ըսեն դար մը ետք, ի՞նչ պիտի հասկնան: Տեւաբար պէտք է մտածել միացման եւ միասնութեան մասին, որ վաղուան երաշխիքն է:

Նման խնդիրներուն պէտք չէ մօտենալ այսօրուան մսկոտութիւններով, այլ ճիգ ընել` յստակացումներ ընելու, որպէսզի այսօր եւ դար մը ետք նոյն բանի մասին երբ խօսինք, խօսուի, նոյն բանը հասկնանք:

Պարզ է, որ եզրերու յստակացումը եւ ճիշդ գործածութիւնը կը յառաջացնեն միտքերու եւ վերաբերումներու յստակացում, նոյն բառով նոյն բանը կը հասկնանք: Այդպէս կ՛ըլլան քաղաքական հասունութիւն ձեռք բերած ժողովուրդները:

Քաղաքական կեանքի մէջ ամէն ոք նոյն բառը նոյն ձեւով եթէ չըմբռնէ, կը ծնին անհասկացողութիւններ, որոնց վրայ կը պատուաստուին այլ շահեր, մրցակցութիւններ եւ հակամարտութիւններ:

Յստակացումներով կրնանք խուսափիլ անբաղձալի վիճակներէ եւ հոգեվիճակներէ, որոնք այսօր եւ վաղը վնասակար պերճանքներ են:

17 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live