Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12047 articles
Browse latest View live

Ճանչնանք Մեր Հերոսներն Ու Նահատակները, Մեր Անցեալն Ու Ներկան, Անոնց Կտակով Կերտենք Ապագան*

0
0

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

Ճանչնալ մեր հերոսները եւ նահատակները` կը նշանակէ ճանչնալ հայոց պատմութիւնը եւ հայ ժողովուրդի էութիւնը:

Ճանչնալ մեր հերոսները` կը նշանակէ վերադարձ մեր 5 հազարամեայ հարազատ արմատներուն, մեր ազգային ակունքներուն, աւանդոյթներուն եւ մեր արժանապատուութեան:

Ճանչնալ մեր հերոսները եւ նահատակները` կը նշանակէ կառչիլ մեր սրբազան հայրենիքին, իւրաքանչիւր թիզ հողին եւ մեր ազգի բոլոր իրաւունքներուն:

Ճանչնալ մեր հերոսները եւ նահատակները` կը նշանակէ միանշանակ որդեգրել մեր անզուգական տղոց հերոսական ուղին` առանց ընկրկումի եւ անսակարգ նուիրաբերումով հետապնդել համայն հայութեան անժամանցելի բոլոր իրաւունքները:

Ճանչնալ մեր հերոսները եւ նահատակները կը նշանակէ չտկարանալ եւ չտարուիլ միջազգային մութ ուժերու կողմէ պահանջատէր ժողովուրդներուն պարտադրած լռութեան անողոք պատիժին կամ արգելափակումներուն:

Ճանչնալ մեր հերոսները եւ նահատակները` կը նշանակէ չբաւարարուիլ անոնց յիշատակին կապակցաբար այնքան կարեւոր, սակայն անբաւարար ձեռնարկներ կազմակերպելով, այլ` արժանապատիւ կերպով զինուորագրուիլ եւ լիցքաւորուիլ հայկականութեան ի խնդիր, ու ապա պատրաստ ըլլալ` նպատակայարմար ցանկացած մէկ պահուն, մեզի վերապահուած սրբազան աշխատանքի բաժինը բարձր յանձնառութեամբ կատարելու եւ ծաւալելու:

Ճանչնալ մեր հերոսները եւ նահատակները` կը նշանակէ չհաւատալ արդի ներկայ ժամանակներու ճնշող մթնոլորտին հակասական եւ տարաբնոյթ իրավիճակներուն, աշխարհաքաղաքական անարդար կարգերուն, համաշխարհայնացման ստեղծած նիւթականացած եւ խիստ անհատականացուած ներկայ աշխարհի թելադրած կանոններուն, որոնք ի զուր կը փորձեն ջլատել, պառակտել, ապազգայնացնել եւ ապաքաղաքակացնել ազգային գաղափարախօսութեամբ տոգորուած ժողովուրդները:

Այլեւ, ճանչնալ մեր հերոսները եւ նահատակները` կը նշանակէ հաւատարիմ մնալ Քրիստափոր Միքայէլեանի հետեւեալ պատգամին. «Յեղափոխութիւնը յեղափոխականներու պէտք ունի, յեղափոխութիւնը պէտք է մտնէ ամէն անհատի մտքի մէջ եւ պայթի իբրեւ զայրոյթ, որ խորտակէ անարդարութեան, անհաւասարութեան, խտրութեան ու բռնակալութեան շղթան»:

Եւ վերջապէս, ճանչնալ մեր հերոսները եւ նահատակները` կը նշանակէ ապրիլ արժանապատիւ, ինքնուրոյն, ազատ ու անկաշկանդ:

Կը նշանակէ ամէն ինչ զոհել մեր ազգի եւ զոյգ հայրենիքներու` Արցախի եւ Հայաստանի, թէ՛ անվտանգութեան բոլոր երաշխիքները ապահովելու, թէ՛ ալ անոնց տնտեսական զարգացման, խաղաղ գոյատեւման եւ շարունակականութեան բոլոր անհրաժեշտ նախադրեալները ապահովելու:

Արդարեւ, մենք պէտք է ազգովին հասկնանք, որ եթէ որոշած ենք ապրիլ, զարգանալ եւ գոյատեւել այլ ժողովուրդներու կողքին, ուրեմն պիտի ունենանք հերոսներ, նահատակներ, ախոյեաններ: Որովհետեւ ժողովուրդներու տեսակը սա է` պէտք ունին հերոսներու, նահատակներու, յաղթանակներու: Որովհետեւ հերոսութիւնը եւ նահատակութիւնն է, որ հաւատք կը ստեղծեն եւ ոչ թէ` հակառակը:

Այլ կերպ կարելի չէ պատկերացնել եւ ունենալ սեփական հայրենիք, սեփական ճակատագիր, սեփական արժանապատուութիւն: Եւ իբրեւ այդպիսին` մենք մեր հերոսներուն եւ նահատակներուն յիշատակը միշտ վառ պիտի պահենք, յարգանքի տուրք պիտի մատուցենք, բայց մանաւանդ, ինչպէս որ Գարեգին Նժդեհ պիտի ըսէր` «Իր ընտիր մեռելների պաշտամունքը չունեցող ժողովուրդը ապերախտ ու բարբարոս է, անարժան` հայրենիքի»:

Մենք ոչ թէ միայն պաշտամունք պիտի կատարենք մեր հերոս նահատակներուն, այլեւ պարտաւոր ենք գուրգուրալու անոնց ընտանիքներուն, հարազատներուն ու պարագաներուն, որովհետեւ այդ նահատակութիւնները կատարուած են ընդհանրական ազգային գերագոյն շահերուն համար, մեծ ընտանիքին եւ ընդարձակ տունին ի խնդիր, որոնց անունները ազգ եւ հայրենիք են: Որովհետեւ Դաշնակցութեան համար իր իսկ կանոնագրով եւ ծրագրով բանաձեւուած գերագոյն արժէքներ են Ազգ, Հայրենիք հասկացողութիւնները:

Մարդկութեան պատմութեան զարգացման բոլոր փուլերուն, ժամանակաշրջաններուն մէջ բոլոր ժողովուրդները եւ ազգերը ունեցած են հերոսներ, սակայն համայն մարդկութեան այդ մեծ ընտանիքի անդամներէն մէկուն պարագային` յանձինս հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, իր աշխարհագրական, աշխարհաքաղաքական եւ պատմամշակութային խնդիրներու բերումով եւ զինք չհանդուրժող այլամերժ հարեւաններու գոյութեամբ իր պատմութիւնը եղած է ընդհանրապէս հերոսական: Պրպտեցէք հայոց պատմութիւնը, թէեւ պիտի հանդիպիք հատուկտոր մռայլ եւ ամպոտ էջերու, բայց եւ այնպէս այդ հազուադէպ հատուածները հայոց պատմութեան մէջ չեն կրնար ստուեր նետել 5 հազարամեայ պատմութիւն ունեցող ու պատմութիւն կերտող Հայկ նահապետէն մինչեւ 1918-ի մայիս 28-ը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման հրաշք սերունդի ներկայացուցիչներուն` Արամ Մանուկեանի, Դրոյի, Ռուբէնի, Նժդեհի, անցնելով Լիզպոնի 5 տղոց սխրագործութեան, արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին նահատակուած բոլոր հերոս ազատամարտիկներուն, մինչեւ արցախեան վերջին անհաւասար քառօրեայ պատերազմի հերոսական նորագոյն պատմութեան վրայ:

Հերոսը անպայման հերոս չի ծնիր, այլ հերոս կը դառնայ միջավայրի, ժողովուրդի մը տուժած կորուստներով, անարդարութեանց, ընկերային, քաղաքական, ազգային, իրաւական, հողային իրաւունքներու ոտնահարման բերումով: Սակայն մէջբերում մը եւս Գարեգին Նժդեհէն. «Կռիւներում հերոսանալուց աւելի դժուար է կեանքում հերոսավայել կեցուածք ունենալը»:

Արդարեւ, հերոս կը դառնան ու կը մնան հերոս անոնք, որովհետեւ ազնիւ, յանդուգն, արդար, քաջ, առաքինի, համեստ անձնաւորութիւններ կ՛ըլլան, որոնց նկարագրային տուեալ յատկութիւնները խորքին մէջ ի յայտ կու գան, կը բացայայտուին ընդհանրապէս անսպասելի օրհասական, ճգնաժամային պահերուն, իրենց մղած բոլորանուէր մարտերու ընթացքին, իրենց կատարած սխրագործութիւններու ընթացքին, ազգային անժամանցելի հողային իրաւունքները վերադարձնելու միտումով ճամբայ ելած` նոյնիսկ կեանքի գնով, գործողութիւններու ընթացքին:

Այնպէս` ինչպէս որ կատարեցին Լիզպոնի հինգը: Արցախեան պատերազմի ատեն` Պետոները, Մհերները, Վիգէնները, Տուշմանները եւ Շահէնները:

Այնպէս ինչպէս` որ կատարեցին քառօրեայ պատերազմի բոլոր նահատակ հերոսները:

Եւ` շատ շատ ուրիշներ…

Փա՛ռք ու պատիւ զիրենք ծնողներուն:

Փա՛ռք ու պատիւ Հայաստանի, Արցախի սուրբ հողին ու հայ ժողովուրդին:

Այս տղոց մեծութիւնը եւ վեհութիւնը, արտասովոր արդարութեան տենչը, գերագոյն մարդկայնութիւնը, անսակարկ անձնազոհութիւնը, քաջութիւնը եւ այդ սրբազան վեհանձնութեան արտայայտութիւնը պէտք չէ սակայն միայն տեսնել կամ փնտռել օրհասական կամ պատերազմական տուեալ պահու մը, անարդարութեան կամ անմարդկային չարիքի մը իբրեւ զայրոյթ կամ պոռթկում, այլ պէտք է տեսնել զայն նաեւ, ըստ էութեան, պատուական եւ պատմական ամբողջ ազգի մը հարազատ երակներէն ճչացող արդար արիւնը, ազգային իւրայատկութիւնները եւ արժէքային համակարգը, աւանդութիւնները, որոնք իրենց ներգործօն դերակատարութեամբ կ՛ազնուացնեն, կը զօրացնեն եւ կը կերտեն գլխագիր մարդը, իսկական հերոսը:

Դաշնակցութիւնը այդ ազնուական, պատուական ազգին ամէնէն նուիրեալներէն մէկն է, որ իր հարազատ զաւակները բնաւ չխնայեց ի խնդիր հայկականութեան, համախմբուածութեան եւ հայրենիքի ամբողջական ազատագրութեան:

Տրուած ըլլալով, որ մենք տակաւին պատերազմի մէջ ենք, Դաշնակցութիւնը ինչպէս 90-ական թուականներուն Արցախի մէջ արցախահայութեան պաշտպանութեան ի խնդիր ստեղծեց եւ կազմաւորեց առաջին զինուորական Շուշիի գումարտակը, նոյնպէս այսօր, Թալիշի մէջ, ուր ամէնէն (ըստ մեր սովորութեան) թէժ պատերազմական գիծերը կը գտնուին, հոն կը պահէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համադրաբար պահեստազօրային գումարտակը, որ որեւէ պահու պատրաստ է արագ արձագանգելու ցանկացած անակնկալ յարձակումի:

Խորապէս համոզուած ենք, որ Դաշնակցութեան մարտունակ երիտասարդութիւնը պատրաստ է գերագոյն զոհաբերութեան այս ճամբուն վրայ, մինչեւ որ մեր եռագոյնը ծածանի ամբողջական Հայաստանի տարածքին վրայ:

Եւ այդ առաքելութեան մէջ թող ոչ ոք փորձէ մեր երիտասարդութեան մարտական տրամադրութիւնները խորտակել, թող ոչ ոք փորձէ մեր երիտասարդութեան վախցնել` բացատրելով, որ մեր հակառակորդներուն բանակներուն մեծաթիւ ըլլալը եւ գերարդիական զէնքերով օժտուած ըլլալը անյաղթահարելի է: Հաւատացէ՛ք, որ անոնք չարաչար կը սխալին, որովհետեւ մեր ունեցած զէնքերը, ինչ որ ապացուցուեցաւ քառօրեայ պատերազմի ընթացքին, այո՛, մեր ունեցած ազգային, գաղափարական, հոգեբարոյական եւ հաւատքի զէնքերը անպարտելի են:

Այսօր ինչո՞ւ այս ձեռնարկը, ինչո՞ւ այս հաւաքը, պարզապէս մեր լաւագոյն տղոց, մեր նահատակներուն յիշատակը վար պահելու, անոնց յարգանքի տուրք մատուցելու` միայն թէ բարձրաձայն վերանորոգելու մեր յանձնառութեան ուխտը: Դաշնակցական մարդու ուխտը: Մեր նահատակները մեզի հետ են ամէն օր, ամէնուր, անոնք բնաւ պէտք չունին արհեստական միջոցառումներու, այլ պէտք ունին հաւատքի եւ համոզումի գաղափարական զինուորներու, որպէսզի շարունակեն իրենց գործը, երազը, յաղթանակը:

Անոնք պէտք ունին, որ մենք վերահաստատենք մեր պարտաւորութիւնները, մեր բոլոր նահատակուած ընկերներուն, ազգին, հայրենիքին, կուսակցութեան հանդէպ, որ տուեալ ազգային Սուրբ Գործին եւ պայքարին մեզի վերապահուած բաժինը մենք յանձնառու եւ արժանապատիւ կերպով պիտի վերցնենք եւ այդ Սրբազան Գործը պիտի հասցնենք իր աւարտին:

2018-ը յոբելենական տարի է մեզի համար: Ազգովին նշեցինք արցախեան պայքարի 30-ամեակը, պիտի նշենք պետական մեծ շուքով Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան, 1918 մայիս 28-ի ստեղծման 100-ամեակը: 2018-ին տակաւին պիտի նշենք ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան 45-ամեակը, ինչպէս նաեւ միասնական եւ լիբանանահայութեան ամբողջական մասնակցութեամբ պիտի վերականգնենք հայկական երեսփոխանական պլոքը մայիսի 6-ին կայանալիք ընտրութիւններու ճամբով:

Մենք պիտի յաղթենք այս ընտրութիւններուն:
Մենք պիտի բարելաւենք մեր քաղաքական դիրքերը:
Մենք ձեզի հետ պիտի վերականգնենք հայկական երեսփոխանական պլոքը:

ՀՅ Դաշնակցութեան 127 տարուան գոյութեան ընթացքին իր կազմակերպած, վարած եւ մղած բոլոր մարտական, գաղափարական, քաղաքական, ինքնապաշտպանական, ազատագրական եւ քարոզչական թէ ընտրական բոլոր պայքարները եղած են միշտ համահայկական եւ բազմաբնոյթ, ոչ մէկ երկրի, գաղութի կամ շրջանի մէջ Դաշնակցութեան առաջնորդած պայքարը եղած է ինքնանպատակ եւ սոսկ միայն տուեալ գաղութի կամ համայնքի, երկրի կամ շրջանի, կամ որոշ շրջանակի եւ դասակարգի մը նեղ պայքարը:

Այլ այդ ներուժը, այդ կռիւները, քաղաքական, գաղափարական, քարոզչական եւ ընտրական պայքարները միշտ եղած են Դաշնակցութեան համար ուժի կեդրոն դառնալու մարտավարութեամբ, որպէսզի այդ ուժին կեդրոնը լաւագոյնս ծառայէ առաջին հերթին տուեալ շրջանի հայութեան գոյութեան եւ անվտանգութեան պահպանման եւ բարեկեցութեան, բայց նաեւ` այդ ուժին կեդրոնը ծառայեցնելու համահայկական բազմակողմանի օրակարգերու ի խնդիր:

Դաշնակցութիւնը սովորական քաղաքական կուսակցութիւն չէ. Դաշնակցութիւնը իւրայատուկ մթնոլորտ է, ապրում է, կենցաղ է, համոզումի եւ հաւատքի ներշնչման մնայուն աղբիւր է:

Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն ամբողջ պատմական Հայաստանով մէկ տարածուած ցիր ու ցան հայ ժողվուրդը հաւաքեց, վերածեց զայն քաղաքական միաւորի, հայ ժողովուրդը յուզող ընկերային-քաղաքական, տնտեսական, ապահովական եւ պահանջատիրական հարցերուն փորձեց լուծում տալ, կազմակերպեց շրջաններու ինքնապաշտպանութեան ջոկատներ, կերտեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, կազմակերպեց սփիւռքը, հետապնդեց եւ միջազգային ճանաչման սահմաններուն հասցուց 1915-ի Ցեղասպանութիւնը, եւ այսօր կ՛աշխատինք հողային հատուցման թղթածրարին Թուրքիոյ պարտաւորութիւններուն վրայ: Հայ ժողովուրդի հերոսները` յանձինս Սողոմոն Թեհլիրեանի, Արշաւիր Շիրակեանի եւ «Նեմեսիս» գործողութեան բոլոր մասնակցողներուն, անպատիժ չձգեցին 1915-ի պետականօրէն կազմակերպուած հրէշային ցեղասպանութեան պատասխանատուները եւ անոնք, «Նեմեսիս»-ի գործողութեամբ, զանոնք մէկ առ մէկ գետին փռեցին:

70-ական եւ 80-ական թուականներուն միջազգային լռութեան պատը քանդելու եւ թրքական պետութիւնը միջազգային արդարադատութեան առջեւ պատասխանատուութեան կանչելու համար խումբ մը վրիժառու հերոսներ մղեցին զինեալ պայքարը, որ ցնցեց թրքական պետութիւնը եւ դիւանագիտութիւնը: Նոյն ժամանակաշրջանին, Լիբանանի եղբայրասպան կռիւներու ընթացքին, Դաշնակցութիւնը կազմակերպեց լիբանանահայութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնը եւ հայկական բոլոր շրջաններու ապահովութիւնը:

Դաշնակցութիւնը 80-ականներու վերջաւորութեան 90-ականներուն առաջատար ազատամարտիկը հանդիսացաւ Արցախեան ազատագրական պայքարի, եւ ինչպէս որ 1918-ի մայիս 28-ի Ա. հանրապետութեան անկախութեան արմատներուն կանգնած էր, նոյնպէս ալ Արցախի ազատութեան եւ անկախութեան արմատներուն կանգնած է այսօր:

Ահա թէ ինչո՛ւ դուք սովորական կուսակցութեան մը համակիրները չէք, հարազատները չէք կամ սովորական կուսակցութեան մը մարտունակ երիտասարդական թեւը չէք. դուք աւելի՛ն էք, եւ իբրեւ այդպիսին` դուք յանձնառութիւններ ունիք:

Սիրելի՛ ԼԵՄ-ականներ,

Այո՛, գործունէութեան դաշտը ձեզի է, դո՛ւք, Քրիստափոր Միքայէլեանի ըսածին պէս, պիտի յեղափոխականացնէք մարդոց հոգին եւ միտքը, գաղափարական, կարգապահ եւ մարտական ոգիով ոտքի պիտի հանէք երիտասարդութիւնը եւ խանդավառէք զանոնք: Դո՛ւք իրենց պիտի փոխանցէք եւ բացատրէք մեր հերոսներու իտէալը, համահայկական, համազգային երազը, շունչը:

Անորոշութեան եւ պրպտումի մէջ գտնուող երիտասարդութիւնը դո՛ւք պիտի համոզէք, պիտի տոգորէք եւ ուղղէք զիրենք դէպի Հայաստան, որ կորիզն է Արեւմտահայաստանի, պիտի ուղղէք դէպի Արցախ, Նախիջեւան, Ջաւախք:

Դո՛ւք բոլորդ պիտի զինուորագրուիք հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերականգնման աշխատանքներուն, ի՛նչ ալ ըլլան տեղայնական, միջազգային թէ շրջանային պայմանները:

Դո՛ւք` իբրեւ լիբանանահայութիւն եւ իբրեւ գործօն երիտասարդութիւն, այսուհետեւ մասնակից պէտք է ըլլաք Հայաստանի պետականաշինութեան, ազգային բանակի հզօրացման, տնտեսական զարգացման, զոյգ հանրապետութեանց սահմաններու անվտանգութեան, դո՛ւք պէտք է ուղղակի մասնակից ըլլաք Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքներուն:

Միայն այդ պարագային պիտի հանգչին Եռաբլուր ննջող մեր բոլոր ազատամարտիկները:

Միայն այդ պարագային պիտի հանգչին նահատակուած մեր բոլոր առասպելական հերոսները:

———————————

* Խօսք` արտասանուած «Ճանչնանք մեր հերոսները» խորագիրով ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղի ձեռնարկին: 


Լոյս Տեսաւ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի Սուրիոյ Հայերը Գիտաժողովի Նիւթեր (24-27 Մայիս 2015) Հատորը

0
0

Հատորը կ՛ընդգրկէ 41 ուսումնասիրական յօդուածներ, որոնց 31-ը գիտաժողովին կարդացուած զեկոյցներուն վերամշակուած տարբերակներն են: Մնացեալ տասը ուսումնասիրութիւնները նոր աշխատութիւններ են` հատորին առաւել ամբողջականութիւն տալու համար: Հատորը կ՛ընդգրկէ նաեւ գիտաժողովի օրերուն տեղի ունեցած կլոր սեղանի զրոյցին ամբողջութիւնը, ուր  Շահան արք. Սարգիսեան (առաջնորդ Բերիոյ թեմի), վեր. Յարութ Սելիմեան (համայնքապետ Սուրիոյ Հայ աւետ. համայնքի) եւ Արմաշ եպս. Նալպանտեան (առաջնորդ Դամասկոսի հայոց) արծարծեցին Սուրիոյ տագնապի հայկական երեսակներ` զրուցավարութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի:

Հատորին մէջ ուսումնասիրութիւններ ունին` Սիլվի Աբէլեան, դոկտ. Սեդա Ալթուկ, դոկտ. Շողիկ Աշըգեան, դոկտ. Նորա Արիսեան, փրոֆ. Ճոն Արմաճանի, Մարիա Գաբրիէլեան, Աւօ Գաթրճեան, Խորէն Գրիգորեան, դոկտ. Արման Եղիազարեան, դոկտ. Մարուշ Երամեան, Ֆիրտուս Զաքարեան, դոկտ. Վահէ Թաշճեան, Արմենակ Թոքմաճեան, դոկտ. Արթուր Իսրայէլեան, վեր. դոկտ. Ճոն Խանճեան, Եուսէֆ Խաշօ, դոկտ. Թեհմինէ Մարտոյեան, դոկտ. Հայկանուշ Մեսրոպեան, Միհրան Մինասեան, Յակոբ Միքայէլեան, դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, Գէորգ Յակոբճեան, փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեան, Անի Ոսկանեան, դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան, դոկտ. Յասմիկ Քելուկեան-Պարան, վեր. Յարութիւն Սելիմեան, դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, փրոֆ. Թալին Տէր Մինասեան, փրոֆ. Սիմոն Փայասլեան, Սօսէ Փիլաւճեան, Վարդի Քէշիշեան, փրոֆ. Հիտեմիցու Քուրոքի եւ դոկտ. Անի Ֆիշենկճեան:

Հատորին նիւթերը կը վերաբերին  ԺԶ.-ԺԷ. դարերուն  Հալէպի  մէջ գործած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, 19-րդ դարակէսի հալէպահայութեան, Խաշօ ընտանիքի պատմութեան, 1909-ի կիլիկեան կոտորածներուն, Մուսա Լերան եւ Ալեքսանտրեթի հայութեան վիճակին, Ցեղասպանութեան ընթացքին Հալէպի մէջ Ցեղասպանութեան դիմադրութեան շարժումին, 1920-ականներու Ճեզիրէի հայութեան եւ փոխառաջնորդութեան, հայ գաղթականներու Սուրիոյ մէջ տեղաւորման եւ տեղաբնիկներու հակազդեցութեան, Ցեղասպանութեան պատճառով կորսուած հարազատներու փնտռտուքի աշխատանքներուն, ՀԲԸ Միութեան Հալէպի ապաստանարան-արհեստանոցին, հայ զինուորական բժիշկներու Հալէպ հաստատուելուն, Սուրիոյ հայօճախին աւանդին, 1929-30 Արեւմտեան Հայաստանէն հիւսիսարեւելեան Սուրիա հաստատուած գաղթականներուն, Սուրիոյ սահմանադրութիւններուն մէջ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն,  սուրիահայ կրթական գործին,  Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխաններուն, հայ համայնավարներու գործունէութեան, Հալէպի առաջնորդարանին, Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի սուրիահայ գործունէութեան, հայ-սուրիական պետական յարաբերութիւններուն, Դամասկոս-Գամիշլի-Այն Արուսի հայութեան պատմութեան, Քեսապի ներկայութեան` հայ գրականութեան մէջ, Ալեփփօ քոլեճին, սուրիահայ թարգմանական աւանդին, Գարեգին Սարգիսեան կաթողիկոսի լեզուական բառապաշարի նորարարութեան, վերջին տասնամեակի հալէպահայ բանաստեղծութեան եւ պատերազմի գրականութեան, Քեսապի նորագոյն տեղահանութեան արհաւիրքին, սուրիահայերու Հայաստան հաստատման եւ առնչակից դժուարութեանց թէ ստացուած աջակցութեանց, վերջին տասնամեակներու հալէպահայ յարանուանութեանց արձանագրած մշակութային վերելքին, հալէպահայութեան կրած պատերազմի վնասներուն եւ հեռանկարներուն: Իբրեւ փաստաթուղթ ներկայացուած է նաեւ 1950-ականներու տեղեկագիր մը` սուրիահայութեան մասին:

Հատորը ունի` յաւելուածներու բաժին, հեղինակներու համառօտ կենսագրութիւն, համառօտ մատենագիտութիւն, համառօտ ակնարկ` Սուրիոյ հայօճախին եւն.:

Հատորը խմբագրած է կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը:

 

Չինական Երազը Եւ Հայաստանը (Մաս 4 –Վերջին)

0
0

ԱՐԱՐԱՏ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ

Ինչպէս արդէն տեղեկացրել ենք մեր նախկին յօդուածներով, Չինաստանը 70-ականներից իր առջեւ դրեց զարգացման ծրագիր` դառնալու աշխարհի առաջատար երկիր. այն  տեւելու է մինչեւ 2049 թուականը: Այժմ նա հանդիսանում է աշխարհի երկրորդ տնտեսապէս հզօր երկիրը: Այդ պատճառով է, որ Չինաստանը հանեց նոր Մետաքսի ճանապարհի գաղափարը, որի նպատակն է աշխարհին տալ որակեալ ապրանք մատչելի գներով, իսկ Եւրոպայից ներմուծել նոր արհեստագիտութեան համար անհրաժեշտ միջոցներ` աւելի նորարարական դարձնելու իր տնտեսութիւնը:

Հին Մետաքսի ճանապարհին ուշագրաւ է եղել հայերի դերակատարութիւնն ու Վանի դիրքը որպէս կապող օղակ` Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ կայացած մեծ առեւտրի շրջանակներում: Աւելի՛ն. հայ առեւտրականները զգալի դերակատարութիւն են ունեցել Հայաստանից արեւելք գտնուող երկրներում, մասնաւորապէս` Հնդկաստան, Իրան, Մերձաւոր Արեւելք ուղղութիւններում: Այդ ժամանակաշրջաններում օտարների մուտքն արգելուած է եղել Չինաստան, քանի որ օտարներին նրանք համարել են բարբարոսներ, սակայն հայ առեւտրականները մուտք են գործել Թիպեթ, եւ միայն հայ առեւտրականներին է թոյլատրուել մուտք գործել Չինաստան: Այս հզօր առեւտրի գաղափարը այն էր, որ Չինաստանը տարածի իր բարձր որակի ապրանքները, ինչպիսիք են` խեցեղէնը, վառօդ, թուղթը, մետաքսը եւ այլ ապրանքներ: Սակայն սխալ կը լինի, եթէ միայն գնահատենք այս երեւոյթը որպէս զուտ տնտեսական: Այս ճանապարհորդութիւնների ընթացքում մարդկային շփումն ու մշակութային փոխանակումներն, իմ կարծիքով, աւելի արդիւնաւէտ էին, քան` զուտ նիւթական շահը: Գաղտնիք չէ, որ այդ ընթացքում աշխարհում զարգացում ապրեցին` նկարչութիւնը, գրականութիւնը, փիլիսոփայութիւնն ու մանրանկարչութիւնը: Օրինակ` չինական հանդերձանքը ծանօթ եւ յարգի է եղել միջնադարեան Հայաստանում: Հայերը Չինաստանի Հարպին քաղաքում 20-րդ դարի սկզբին լուրջ ներկայութիւն են ունեցել, նրանք հիմնականում զբաղուել են առեւտրով եւ գինու արտադրութեամբ: Համայնքը եղել է բաւականին կազմակերպուած, գործել է հայկական եկեղեցի: Թաթոս անունը կրող ճաշարանը հիմնադրուել է հայ խոհարարի կողմից, այն կրել է նրա անունը եւ գործում է մինչ օրս քաղաքի սրտում եւ համարւում է զբօսաշրջիկների համար ամենասիրելի վայրերից մէկը: Այժմ Կոանկճօ քաղաքում կայ աշխուժ հայ համայնք, որի համախմբուած գործունէութիւնը խոստմնալից է Ծայրագոյն արեւելքում: Հայաստանի եւ Չինաստանի ժողովուրդները մինչ օրս շարունակում են խրախուսել ազգային հիմքի վրայ ստեղծուած ընկերային-քաղաքական համակարգը, որտեղ ազգային արժէքներն ու ընտանեկան աւանդոյթները հիմնական դեր են կատարում թէ՛ առօրեայ, թէ՛ քաղաքական կեանքում: Այս հիմքն է պատճառը, որ հայերն ու չիներն իրենց շփումներում կարողանում են միմեանց հեշտ հասկանալ:

Հայաստան-Չինաստան արդի յարաբերութիւնները պաշտօնապէս սկսել են 1991 թուականից եւ այժմ զարգացում են ապրում մասնաւորապէս տնտեսութեան, ռազմական, կրթական եւ գիտական ոլորտներում: Երկու երկրների միջեւ կնքուած պայմանագրերն ու համաձայնագրերը վերաբերում են տարբեր ոլորտների. հեշտացուել են ներմուծման եւ արտահանման պայմանները: Այժմ Չինաստանը հանդիսանում է Հայաստանի երկրորդ տնտեսական գործընկերը` զիջելով Ռուսաստանին: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը Չինաստանի վերընտրուած նախագահ Սի Ճինփինկին շնորհաւորելիս կարեւորել է հայ-չինական բարեկամական աւանդական յարաբերութիւնների հետեւողական ամրապնդումը, արդիւնաւէտ համագործակցումը միջազգային ասպարէզում, որը բխում է երկու բարեկամ ժողովուրդների կենսական շահերից:

Չինաստանը կարեւորում է Հայաստանի դերը «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութիւններում եւ գնահատում երկու եղբայրական ժողովուրդների դերը ինչպէս անցեալում, այնպէս էլ ներկայում: Այս յօդուածի նպատակը ոչ թէ փաստերի ու թուերի արձանագրումն է, այլ` իմ անձնական գնահատականն այն իրողութիւններին, որոնք առնչւում են մեզ եւ տարածաշրջանային առումով մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներին:

Հայաստանը հանդիսանում է կարեւոր երկիր իր դիրքով, որպէս Արեւելքը Արեւմուտքին կապող օղակ` տարանցիկ երկիր (Իրան-Հայաստան-Վրաստան-Եւրոպա): Զուտ տնտեսական առումով, Հայաստանի համար սա բացառիկ հնարաւորութիւն է ոչ թէ միայն ներմուծելու, այլ նաեւ արտահանելու ներքին ապրանքները թէ՛ Արեւելք եւ թէ՛ Արեւմուտք: Չինական ծրագիրը չի սահմանափակուելու միայն տարանցիկ առեւտրով, այլ չիներն կատարելու են ներդրումներ այն երկրներում, որոնք ընդգրկուած են վերոնշեալ ծրագրում: Օրինակ` վերջերս չինական կողմը պատրաստակամութիւն է յայտնել հիմնելու հանքային ջրի գործարան Հայաստանում: Չիների տեսանկիւնից երկրի կարեւոր դիրքից բացի անհրաժեշտ է, որ այդ երկիրը լինի վստահելի գործընկեր եւ միեւնոյն ժամանակ լինի խաղաղ ու անվտանգ, այդ իսկ պատճառով Չինաստանը նոր դեսպանութիւն է կառուցում Հայաստանում, որը լինելու է ամենամեծը տարածաշրջանում: Չինաստանում էլ բացուել է Առեւտրաարդիւնաբերութեան պալատի ներկայացուցչութիւն Նինկպօ քաղաքում: Երեւանում հիմնուել է Շանկհանեան ակումբ, որի նպատակն է զարգացնել հայ եւ չին առեւտրականների կապերը:

Քաղաքական առումով, որը համարում եմ աւելի կարեւոր, նկատի ունենալով լարուած իրավիճակը թէ՛ մեր տարածաշրջանում եւ թէ՛ առհասարակ աշխարհում, Հայաստանն իր անվտանգութիւնն ապահովելու համար անհրաժեշտ է վերանայման ենթարկել արտաքին քաղաքականութիւնը: Խօսքը մասնաւորապէս փոխլրացման մասին է, Հայաստանն անկախութիւնից ի վեր փայլուն կերպով կարողացել է պահել հաւասարակշռութիւնը Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Միացեալ Նահանգների հետ ունենալով լաւ յարաբերութիւններ, որը յայտնի է որպէս հաւասարակշռման քաղաքականութիւն, սակայն Ռուսաստանի Դաշնութեան հզօրացմամբ Միացեալ Նահանգները աստիճանաբար սկսեցին վարել հակադրուելու քաղաքականութիւն եւ չեն հանդուրժում երկբեւեռ աշխարհի ձեւաւորումը, որի գոյութիւնը յստակ դրուեց Սիրիայի պատերազմով: Այդ արիւնալի պատերազմում Ռուսաստանի Դաշնութիւնն ու Չինաստանը հանդէս են գալիս նոյն առանցքում, որը սատարում է Երրորդ աշխարհի արաբական երկրներին, որոնք իրենց գոյութիւնն են պաշտպանում Միացեալ Նահանգների դաշնակից Իսրայէլի սադրանքներից: Չինաստանը Սիրիայի հարցում Ապահովութեան խորհրդում վեթօ է դրել բոլոր որոշումների դէմ, որոնք ուղղուած են եղել Սիրիայի վարչակարգին հեռացնելու զէնքի ուժով: Նա կողմ է խաղաղ բանակցութիւնների միջոցով խնդրի լուծմանը: Ի դէպ, նա նոյն վերաբերմունքն ունի արցախեան հիմնախնդրում, այսինքն Չինաստանը կողմ է արցախեան հիմնահարցի լուծմանը խաղաղ բանակցային գործընթացի միջոցով: Վերադառնալով Միացեալ Նահանգների յարձակողապաշտ արտաքին քաղաքականութեանը` Միացեալ Նահանգները ո՛չ միայն առճակատման են գնում Ռուսաստանի դէմ, այլեւ նրանք վերջերս յարաբերութիւնները վատթարացրել են Չինաստանի հետ նոյնպէս` դնելով մեծ հարկ չինական ապրանքների վրայ, իսկ Չինաստանը շատ արագ հակադարձեց` բարձրացնելով Միացեալ Նահանգներից եկող ապրանքների հարկը: Սա զուտ տնտեսական խնդիր չէ, այլ քաղաքական առճակատման սկիզբ է, եւ Չինաստանի պատասխանը` ուղղուած Թրամփի որոշմանը, հասկացնել է տալիս, որ Չինաստանը կարող է պատասխան տալ իւրաքանչիւր ամերիկեան ճնշման: Աւելի՛ն. Ռուսաստանն ու Չինաստանը պայմանաւորուել են արդէն իրենց միջեւ առեւտուրը իրականացնել ազգային դրամներով, այսինքն նրանց առեւտրի շրջանակներից դուրս է գալու Միացեալ Նահանգների դրամի շրջանառութիւնը: Վերադառնալով մեր տարածաշրջան, բոլորի հետ լաւ յարաբերութիւն ունենալը ես անբաւարար եմ համարում այս իրավիճակում, վերը նշուած իրավիճակից ելնելով: Սակայն նոյնպէս սխալ եւ վտանգաւոր կը լինի կտրուկ կերպով գերհզօրներից մէկի կողմը թեքուելը` նկատի ունենալով արցախեան հիմնահարցը, սակայն Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելը մեզ առիթ է տալու, որ զոհ չդառնանք Միացեալ Նահանգներ-Ռուսաստան գզվռտոցի արդիւնքում, այլ անհրաժեշտ է նրանց հետ լաւ յարաբերութիւնները շարունակելով ամրացնել Ասիայի հսկայի հետ մեր կապերը` հաշուի առնելով նրա առաջ քաշած «Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութիւնը, որի իրականացման համար առաջնային է Իրանի հետ լաւ յարաբերութիւնների շարունակականութիւնը, Հիւսիս-հարաւ ճանապարհի եւ Հայաստան-Իրան երկաթգծի ծրագրերը կեանքի կոչելու համար: Քանի որ հիմնականում այս ճանապարհներով է տեղի ունենալու «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութիւնը:

Ինչպէս վերեւում նշեցինք, Չինաստանն ու Ռուսաստանը յայտնուել են նոյն առանցքում` միասնաբար դիմակայելու Միացեալ Նահանգների կողմից ստեղծուած սպառնալիքներին, սակայն յարկ եմ համարում նշել, որ Չինաստանը ինքնուրոյն խաղացող է,  եւ ինչպէս տեսնում ենք, մշակել է ապագայ աշխարհի հետ առնչուելու կանոնները: Չին դիւանագէտները բազմիցս նշել են հայ եւ չին ժողովուրդների դարերից եկող բարեկամական պատմութիւնը: Մեր տարածաշրջանում այժմ Չինաստանի համար մեծագոյն խնդիր է Թուրքիային չէզոքացնելը, որովհետեւ Թուրքիան ապաստան է տուել աւելի քանի 250 հազար ույղուր թուրքերի, որոնք Չինաստանի դէմ ցոյցերով հանդէս են գալիս Թուրքիայի փողոցներում եւ վատթարացնում Չինաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները (ույղուրները թուրքական ծագում ունեցող Սինճիանկ նահանգում են ապրում): Ներկայիս Թուրքիան մեծ ցանկութիւն է յայտնում աշխարհի իսլամական ժողովուրդների պաշտպանը լինելու. ըստ սիրիական պաշտօնական տուեալների, 500 ույղուրներ կռւում են իսլամականների կազմում` ընդդէմ սիրիական բանակի. ենթադրւում է, որ նրանք մարզուել են Թուրքիայում: Նրանց յետդարձը Չինաստան մեծ վտանգ է սպառնում անվտանգութեան առումով: Այդ իսկ պատճառով Չինաստանը ցանկանում է ուժեղացնել Հայաստանը` Թուրքիայի վրայ հակազդելու համար: Չինաստանի պաշտօնական անձանց հետ իմ ունեցած շփումների ժամանակ ինձ զարմացրեց նրանց վրդովումքն` ուղղուած Էրտողանի դէմ, որին մեղադրում են Սինճիանկի ույղուրներին Չինաստանի դէմ հրահրելու մէջ: Նրանք նախկինում խուսափում էին այսպիսի խօսակցութիւններից, այժմ իրադրութիւնը փոխուել է, եւ նրանք չափազանց լարուած են Թուրքիայի հանդէպ: Հայաստանն առաւելագոյնս պէտք է օգտուի այս առիթից եւ խորացնի համագործակցութիւնը Չինաստանի հետ` ելնելով ազգային շահերից:

Ռազմական բնագաւառում Հայաստանն ու Չինաստանը նոյնպէս զարգացնում են յարաբերութիւնները վերջին տարիներին եւ միտում ունեն աւելի զարգանալու: 2017 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը պաշտօնական այց կատարեց Չինաստան, եւ դա շրջադարձային էր այն առումով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերին յատկացուեց 10 միլիոն էուանի օգնութիւն եւ սխեմա ստեղծեց հայկական արտադրութեան զարգացած զէնք արտադրելու չինական արհեստագիտութեան միջոցով: Հայաստանում տեղի են ունեցել հայ-չինական ռազմական մասնագէտների քննարկումներ պաշտպանական ոլորտում: Յարաբերութիւններն այս բնագաւառում զարգանալու են, եւ զարմանալի չի լինի, եթէ մօտ ապագայում սկսուեն հայ-չինական զօրավարժութիւններ:

Կրթական բնագաւառում տեսանելի է հայ պատանիների հետաքրքրութիւն չինական լեզուի հանդէպ, Հայաստանում գործում է «Կոնֆուցիոս հիմնարկ»-ը, որը համարւում է չինարէն լեզուի դպրոցների ցանցերից լաւագոյններից մէկն աշխարհում: Չինարէնի ամպիոն կայ Երեւանում Սլաւոնական համալսարանում. ներկայումս Երեւանում կառուցւում է չինական դպրոց, որը նախատեսուած է սկսնակ դպրոցականների համար: Այս դպրոցը տարածաշրջանում լինելու է ամենամեծ չինական ուսումնական հաստատութիւնը: Չինաստանում աճում է հայ ուսանողների թիւը. այնտեղ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններում ունենք հայերէն դասաւանդող մասնագէտներ, ովքեր առաւելագոյնս տիրապետում են չինարէնին: Գիտական ասպարէզում նոյնպէս կապերը զարգանում են, եւ ստեղծւում է գիտնականների իւրայատուկ մթնոլորտ: Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկը 2017 թուականին Փեքինում մասնակցեց «Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ» եւ «Հայաստանի զարգացումը»  թեմայով գիտաժողովին: Չին գիտնականների հետաքրքրութիւնը Հայաստանի հանդէպ մեծ էր լինի պատմական թէ ներկային վերաբերող հարցերում: Այդ հանդիպումների ընթացքում առաջարկեցի երկկողմանի գիտական գրքի հրատարակում` Հայոց ցեղասպանութեան եւ Նանճինկի ցեղասպանութեան մասին: Հայաստանում հայոց լեզուով լոյս են տեսել երկու կարեւորագոյն «Կոնֆուցիոսի զրոյցները» եւ Սոն Ցզիի «Ռազմավարութեան արուեստը» աշխատութիւնները:

Զբօսաշրջութեան բնագաւառում նշմարելի է չիների ներկայութիւնը Հայաստանում, եւ դատելով Հայաստանի մասին նրանց դրական կարծիքից` այն աւելի զարգանալու նախադրեալ ունի: Չին զբօսաշրջիկները գնահատում են հին մշակոյթ ու պատմութիւն ունեցող երկրներին եւ յարգանքով են մօտենում այդ երկրին ու ժողովրդին` անկախ երկրի չափից ու դիրքից: Այդ իսկ պատճառով նրանք գնահատանքով են մօտենում, երբ այցելում են պատմական վայրեր: Միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտ է խրախուսել հայաստանցի զբօսաշրջիկներին այցելելու Չինաստան, մանաւանդ` գերզարգացած քաղաքները, ինչպիսիք են` Փեքինը, Շանկհայը, Կուանկճոն, Շէնկճենը եւ Հանկճոն: Այս բնագաւառը ներկայումս զարգանում է Հայաստանում, եւ զբօսաշրջութեամբ զբաղուողները կարող են լրջօրէն խթանել Հայաստան-Չինաստան այցելութիւնները:

Այս յօդուածով ցոյց տուեցինք հայ-չինական յարաբերութիւնների կարեւորութիւնը` այս արագ փոփոխուող ժամանակաշրջանում: Մեր տարածաշրջանում բարձրանում է պատերազմների վտանգը` հաշուի առնելով Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնը, Միացեալ Նահանգների յարձակողական հռետորաբանութիւնը Իրանի, Ռուսաստանի եւ, աւելի մեղմ, Չինաստանի դէմ, եւ Հայաստանը անմասն չի մնալու տարածաշրջանում պատերազմների վտանգից, այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ է աւելի խորացնել յարաբերութիւնները այնպիսի պետութիւնների հետ, որոնք գնահատում են Հայաստանի դերը տարածաշրջանում: Հայաստանի համար տնտեսութեան զարգացումը գերխնդիր է` կարողանալ դիմակայելու Ազրպէյճանի սադրանքներին, զարգանալ առանց զիջելու եւ բարելաւելու ժողովրդի կենսամակարդակը, արդիականացնել երկիրն առհասարակ: Այս պահին «Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութիւնը լաւագոյն տարբերակն է հանդիսանում զարգացող երկրների համար, որը օժտուած է փոխշահաւէտ յարաբերութիւններով: Լաւագոյնն է այն իմաստով, որ մի կողմում ծերացած Եւրոպան է` փախստականների խնդիրներով տարուած, միւս կողմում` Ռուսաստանը պատժամիջոցների շեմին, իսկ Չինաստան թարմ խաղացող է միջազգային ասպարէզում, որի զարգացումը կանխելը մեծ ուժ է պահանջում:

 

 

Ըստ Թրքական Կայքին` Թուրքիոյ Մէջ Կ՛ապրին 300.000 Համշէնցիներ

0
0

Թուրքիոյ ամէնէն շատ ընթերցուող ժամանցային կայքերէն onedio.com-ը յատուկ անդրադարձ մը հրապարակած է համշէնցի հայերուն մասին` լուսարձակի տակ առնելով անոնց դիմագրաւած հարցերը, ծագումը եւ աւանդութիւնները:

«Մայրենին կորսնցնելու վտանգին տակ գտնուող սեւծովեան ժողովուրդ մը. Համշէնցիներ» վերնագիրով յօդուածին մէջ կը յիշուի, որ համշէնցիները իսլամացուած են դարեր առաջ` Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին: Նիւթին հեղինակները ընդգծած են, որ թէեւ Թուրքիոյ մէջ համշէնցիներու ցեղային ծագումին շուրջ տարակարծութիւնները շատ են, սակայն առկայ են օսմանեան արխիւային փաստաթուղթեր, որոնց մէջ համշէնցիները կը յիշատակուին իբրեւ կրօնափոխ հայեր: Նիւթին մէջ նոյնիսկ կցուած է համշէնցիներուն հայկական արմատները հաստատող արխիւային փաստաթուղթի մը պատճէնը, որ նախապէս հրապարակուած էր «Ակօս» շաբաթաթերթին կողմէ:

Յօդուածին հեղինակները կ՛ենթադրեն, որ այժմ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին կ՛ապրին մօտաւորապէս 300.000 համշէնցիներ: Նշուած են նաեւ անոնց հիմնական բնակավայրերը: Արդարեւ, արեւելեան համշէնցիները հիմնականօրէն կեդրոնացած են Արտուինի Խոպա, Քեմալփաշա եւ Պորչկա շրջաններուն մէջ, իսկ արեւմտեան համշէնցիները` Ռիզէի Հեմշին, Չամլըհեմշին եւ Չայէլի շրջաններուն մէջ, որոնք կը կազմեն պատմական բուն Համշէնի տարածքը:

Հայերէն կը խօսին հիմնականօրէն արեւելեան համշէնցիները, այիսինքն` Արտուինի գիւղերուն մէջ ապրող մօտաւորապէս 30-40 հազար համշէնահայերը:

«Իրականութեան մէջ անոնց գործածած լեզուն յայտնի է իբրեւ արեւմտահայերէնի բարբառներէն մէկը: Եկէք` մէկ կողմ դնենք անոնց հայ կամ թուրք ըլլալը. այս ժողովուրդին միակ փափաքը իրենց մայրենին չկորսնցնելն ու զայն գալիք սերունդներուն փոխանցելն է», կը գրէ կայքը:

Յիշեցնենք, որ Համշէնի հայկական բարբառը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ դասուած է անհետացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներու շարքին:

Գրողի Անկիւն . Ուսուցիչը` Պարոն Փիլիպոս Դերձակեան

0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Գրադարանիս փոշիները առնելով զբաղած էի: «Պարապ վախտի խաղալիք» պիտի ըսէր Իսահակեան, երբ դարակներէն մէկուն վրայ Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանի նախակրթարանի տարիներուս հայերէնի «Շողական» Բ. տարի դասագիրքս յանկարծ աչքիս զարկաւ:

Ու ի՜նչ զարմանք, արդէն կը զգամ, որ բազմազան անուններ ծնունդ կը սկսին առնել ու կարգով կը փորձեն խածնել սիրտս եւ ուղեղս: Անուններ, որոնց առջեւէն յաճախ եւ ինքնաբերաբար կ’անցնիս սրտի մորմոքով եւ յիշատակներու շարանով:

Եւ ի տես իրենց նման եւ արագ «ներկայութեան», այսպէս, իրերայաջորդ կերպով կը ծնին դրուագներ, տեսարաններ, բառեր եւ երեւոյթներ, որոնք ոչ միայն կը ներկայացնեն, այլեւ կը պատկերեն ապրուած եւ անուշ անցեալի մը գոյնզգոյն օղակներէն կախուած գեղեցիկ յուշեր, որոնք կարծես միաբերան քեզ կը կանչեն:

Անոր համար էր, որ այդ պահուն յիշողութեանս կ’ընկերանար նաեւ հինը վերապրելու հաճոյքն ալ: Հոգս չէր, եթէ այդ հինը նոյնիսկ որոշ դառնութիւն ունենար: Ինծի համար «հինը» միշտ սիրելի էր եւ այդպէս ալ կը մնար:

Իսկ հիմա արդէն կը զգամ, որ հաղորդուած եմ աշակերտական տարիներուս տեսարաններով: Ճառագայթուն տպաւորութիւն:

Թէեւ փոխուած են ժամանակները, նոյնպէս` պայմանները, բայց եւ այնպէս կ՛ըսեմ եւ միշտ կրկնած եմ` վարժուած ենք խօսիլ անցեալի եւ երբեմն ներկայի մասին:

Բան մը արդարացնելու ճիգ մը չէ այս մէկը:

Ժամանակին հետ խօսիլ իր մասին եւ ան ալ` արթնցող բաբախումներով: Ամէն զգայուն սիրտ պիտի ուզէր այս մէկը ապրիլ: Նորութիւն չէ:

Խնամքով կը վերցնեմ դասագիրքս: Կ՛անջատեմ զայն պատող «միւսներէն» ու կը փորձեմ մատներովս եւ ակնածանքով թղթատել:

Աստուա՜ծ իմ, որքան հին է այս գիրքը: Ութսուն եւ աւելի տարիներու կեանք: Կարծես վէպ մը ըլլար: Ու կը սկսիմ լռութեամբ կարդալ աչքիս հանդիպած էջերն ու անոնց տողերը, որոնք կամաց-կամաց յուշերս կը հասունցնեն:

Կը զգամ, որ մթնոլորտս լեցուն է նոր կեանքով: Կարծես երբեք չեմ մեկնած այդ դպրոցէն:

Եւ յանկարծ էջի մը ճակտին, բառ մը, նոթ մը կը ստիպէ, որ քիչ մը աւելի կանգ առնեմ, քիչ մը աւելի յամենամ:

«Ապրի՛ս»:  Այսքան: Կոկիկ ձեռագիր:

Երկար կը մտածեմ: Կը փորձեմ յիշել այս բառին առիթն ու պահը: Ինքնաբերաբար կրկնակիօրէն  կ՛իյնամ խոր մտմտուքի մէջ: Այդ պահուն մէջս վերյիշելու մեծ ցանկութիւն կը ծնի: Շուարած եմ եւ կը վախնամ, որովհետեւ յիշողութիւնս կրնայ ուշանալ: Կը վախնամ, որ նոյնիսկ կրնամ կորսուիլ:

Բայց… ո՜վ հրաշք… Թէեւ չեմ յիշեր առիթը, սակայն կը յիշեմ այդ բառին հեղինակը: Ուսուցիչս էր, այդ օրերու հայոց լեզուի դասատուս` պարոն Փիլիպոս Դերձակեանը: Իր ձեռագիրն էր:

Պարոն Դերձակեանը մեզի հայրենակից էր, ծնողքիս շատ մօտիկ, յատկապէս` ողորմած հօրս: Բայց` ոչ մէկ արդարացում: Ինք «խիստ» եւ բծախնդիր ուսուցիչ էր: Իր մօտ բացառութիւն չկար: Միշտ ակնածանքով կը մօտենայինք իրեն: Հարուստ անհատականութիւն ունէր:

Միջահասակ, կոկիկ ու սանտրուած մազերով, միշտ մաքուր եւ կոկիկ հագուած, միշտ փայլուն ու ներկուած կօշիկներով եւ աչքերուն մթագոյն ակնոցով: Ակնոց, որուն երկու ապակիներու ետին աչքերու գունդերու խաղերը կարելի չէր տեսնել կամ նշմարել:

Միշտ իր դէմքին վրայ արձանացած եւ ծանր շուքով կիսատ ժպիտ մը կար: Յաճախ ալ` անժպիտ: Լայն ճակատով դէմք մը` յօնքերու անհանդարտ շարժումներով միասին: «Երկաթէ մարդ»: Դպրոցի բարձր կարգի աշակերտները իր անուան այս անուն-մակդիրը «կապած էին»: Իսկապէս որ դուրսէն տեսնողին կամ դիտողին համար կարծես ինք ուրիշ աշխարհէ եկած էր: Դանդաղ եւ հաստատ քայլերով:

Դպրոց կամ ակումբ, նոյնն էր: Ինք շատ լաւ դիտող մըն էր: Ունէր իր անձնական տեսակէտը: Եթէ կ՛ուզէք` իր  հաստատ համոզումը, զոր կ՛արտայայտէր իւրայատուկ ձեւով եւ ճշգրիտ առաքելութեամբ, սովորականէն աւելի համարձակ ու անշահախնդիր: Արեւմտահայերէնի վրայ` իր կեանքէն աւելի գուրգուրացող հայ մը: Հարազատ խարբերդցի մը: Մէկ խօսքով, առանց սակարկութեան` նուիրում:

Ինք հաւանաբար իր ասպարէզը աղօթքի նման ինքնաբուխ նուիրումի վերածած էր: Իրեն համար միայն հայ աշակերտով կարելի պիտի ըլլար ապրեցնել Մեսրոպ Մաշտոցը:

Ու չեմ գիտեր` այսպէս որքա՛ն ատեն գրադարանիս բաց երկու փեղկերուն դիմաց կանգնած էի: Անմիջապէս կը զգամ, որ տարիները չեն պղտորած, ոչ ալ մաշած կամ մոռացութեան մատնած` պարոն Դերձակեանի ներկայութեան պահերը եւ պատգամի ուժ ունեցող իր խօսքերուն թարմութիւնը:

Իրապէս որ ինք ալ հիմա գրադարանիս դիմաց կեցած` «կ՛ապրէր»:

Եւ եթէ այդ վայրկեանին բան մը կար, որ զիս այսպէս անտրտունջ եւ կանգուն կը պահէր, ան ալ իր յուշերն էին: Մեր այդ փոքր տարիքին հայ ուսուցիչի իր կերպարով` ոչ միայն մեզ կը ծանօթացնէր մեր մայրենիին, այլեւ հայ գիրքին կը մօտեցնէր եւ մեր աչքերը կը կապէր հայ աշխարհին, հայ կեանքին ու հայ մարդոց` անկեղծ դրոշմով:

Անձնական փորձառութենէս մեկնած` կ՛ուզեմ կրկին անգամ բացայայտել, որ ուսուցչութիւնը ինքնին պահանջկոտ ու դժուար առաքելութիւն մըն է: Հայ ուսուցիչն է մեր ազգային պայքարի յառաջապահը, մեր օրերու ֆետային եւ հայ ստեղծագործ միտքը, որ նկարագիր կը կերտէ մեր մատղաշ սերունդի ուղեղներուն մէջ:

Նաեւ կը հաւատամ, որ ուսուցիչներու ուսերուն ծանր եւ միեւնոյն ժամանակ պատասխանատու աշխատանք  դրուած է: Որովհետեւ ինծի համար հայ ուսուցիչը այն հիմքն է, այն կենսատու աղբիւրը, որուն շնորհիւ կը ձեւաւորուի, կը լիցքաւորուի հայ աշակերտին մտածելակերպն ու  աշխարհահայեացքը:

Նաեւ` որովհետեւ հայ ուսուցիչին համար կարեւորը տալն է, ոչ միայն ըլլալը: Այլ խօսքով, ճառագայթելն է. ուսուցիչ անունը կրելէն աւելի: Ա՛յս է իսկական ուսուցիչին առաքելութիւնը:

Կը մտածեմ ու կը կրկնեմ: Զոհողութիւն եւ նուիրո՛ւմ եւ այդ նուիրումի արարքին մէջ իսկ գտնել գոհունակութիւն: Վերջ ի վերջոյ հայ ուսուցիչը ե՛ւ դասատու է, ե՛ւ դաստիարակ:

Մեր մեծերը միշտ ըսած են. «Մարդուն բնութագիրը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին իր ստեղծածն ու ձեռք բերածն է»: Եւ ահա` յստակ օրինակը:

Ուստի կ’ուզեմ այս պահուն բռնել մտքիս թելը` ընթանալու համար անշեղ: Կը վախնամ, որ յանկարծ այդ թելը կտրուի վայրկեաններուս մէջ եւ մոլորուի ներկայէն ու անցնի անցեալ:

Այդ պատճառով կ՛ուզեմ ազատ պահել գրիչիս բերանը:

Պարոն Դերձակեանը` իբրեւ իսկական մտահոգ եւ մտածող, երազը կեանքի վերածող լոյսի ճամբուն առաջնորդող հայն էր: Ամէն դասի պահուն կը խօսէր, կը յորդորէր, որ մենք աշխատինք բարձր բռնել հայ մտքի «ջահը»:

Ու հարազատօրէն եւ անկեղծ կրնամ ըսել, որ ինքն էր մէջս հայերէն գիրք կարդալու սէրն ու լոյսը ամբարեց: Ու ամէն օր ինք կ՛ապրէր այդ լոյսին համար, ուրախութեամբ եւ ֆիզիքապէս, որպէսզի շուտով բոլորս ալ վերակազմուէինք եւ ճակատաբաց մուտք գործէինք «հայութեան» շէնքէն ներս:

Ահա թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ հայերէն գիրքը ինծի համար դարձած է եւ կամ դարձաւ մեծ ցանկութիւն, կողմնացոյց, ուղեկից եւ հաւատարիմ բարեկամ: Նաեւ եղաւ մտքիս նոր Ճանապարհ բացող, դէպի գեղեցիկը, բարին եւ ճշմարիտը բացայայտող տեսակ մը ազգային գիտակցութեան, հայութեան գոյատեւման հիմնաքար եւ մայրենի լեզուի պաշտամունք:

* * *

Վերջապէս փակեցի գրադարանիս փեղկերը: Անցեալս իր շնորհապարտ եւ երախտապարտ զգացումներու փունջերով կրկին խնամքով պահեցի գրադարանիս մէջ:

 

 

 

Դիմաւորել 100-ամեակը 14. Հայ Եկեղեցականը Հայրենակերտման Ճակատին Վրայ

0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Պատմական իրադարձութիւնները եւ անոնց մէջ մարդոց ստանձնած դերերը եւ որդեգրած ընթացքը ոչ միայն պէտք չէ մոռնալ, այլ` անոնց լոյսին տակ ընդունիլ եւ տէր ըլլալ մեր ներկային:

Հայ եկեղեցականը ազգի անդամ է, հետեւաբար նաեւ` պատասխանատու: Այս գիտակցութեան երկու օրինակներու մասին պէտք է խօսուի, երբ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հարիւրամեակի առիթով ժողովներ պիտի գումարուին, քիչ մը ամէն տեղ տօնակատարութիւններ պիտի ըլլան: Ազգային օրինակելի եւ բարձր գիտակցութիւն ունեցողներ եկեղեցականներ եղած են եւ կան, այս ըսել` յօրինակ այլոց:

Ինչ ալ ըլլան մեր տեսական ըմբռնումները կրօնի եւ եկեղեցիի մասին, ոչ ոք կրնայ խուսափիլ այն իրողութենէն, որ Հայ եկեղեցին, պատմութեան ընթացքին եղած է Հայոց եկեղեցի, ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար: Համբակներ միայն կրնան խորհիլ, որ եկեղեցին աւելորդ է հայ կեանքին մէջ, անոր հետ գործ չունինք: Կրկնութիւն պիտի ըլլար ըսել, որ ինքնութեան պահպանման եւ մշակութային ժառանգութեան ստեղծման եւ պահպանման մէջ անուրանալի եղած է անոր դերը: Այս գիտակցութեամբ է, որ հայ ժողովուրդը միշտ աւելիին ակնկալութիւնը ունեցած է եւ ունի իր եկեղեցիէն եւ եկեղեցականէն:

Օրինակելի եկեղեցականներ եղած են եւ կան, որոնք ծէսով չեն բաւարարուած, չեն բաւարարուիր, ոչ ալ` ճոխութեամբ: Անոնք ազգի երախտագիտութեան արժանի համարուած են միայն իրենց գործով, եւ ոչ` տիտղոսներով կամ հանգամանքով, եպիսկոպոսի, պատրիարքի կամ կաթողիկոսի կարգով:

Յաճախ յիշուած է անունը Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գիտնական կաթողիկոսին: 1918-ի մայիսեան ճակատագրական կռիւներու ընթացքին երբ դեռ եպիսկոպոս էր, գտնուած է հայկական բանակի զինուորներու կողքին, ճակատի գիծերուն վրայ: Որքան օգտակար պիտի ըլլար, որ այս տարուան ընթացքին, անոր օրինակը ներկայացուէր մեր ժողովուրդին, երիտասարդութեան, լուսանկարներով` բանակի կողքին, տալով մեր միասնութեան օրինակը: Գիտնական, դասախօս, կրօնական, դրամատէր, հաւաքաբար պատասխանատու պիտի ըլլայինք եւ պիտի ըլլանք հայրենիքի եւ ազգի իրաւունքի պաշտպանութեան, ոչ միայն խօսքով, ոչ միայն բարեսիրութեամբ, այլ նաեւ` ներկայութեամբ, մանաւանդ` պատմութեան հանգուցային պահերուն:Արցախի ծնունդ Գարեգին գիտնական եպիսկոպոսը չէ մտածած, որ վանքի կամ գրասենեակի մէջ մնալով` աւելի օգտակար կրնար ըլլալ հայրենիքին, ինչպէս ոմանք կը խորհին, Ֆլորիտա, Պեւըրլի Հիլզ կամ Փարիզ նստելով` աւելի օգտակար կ՛ըլլան հայրենիքին, հայրենիք կը պաշտպանեն: Ազգի գոյութենական պայքարը կրնար լուծուիլ հայ զինուորի կողքին ըլլալով, ոչ թէ` հեռուէն դիտելով եւ յուզուելով:

Այս տեսակէտէն օրինակելի եղած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէորգ Ե. Սուրէնեանցը: 1918-ի ճակատագրական կռիւներու օրերուն, երբ թրքական բանակները կը սպառնային հասնիլ Էջմիածին եւ Երեւան, թրքական թնդանօթները հեռու չէին,  զինուորական իշխանութիւնները կը թելադրեն, որ կաթողիկոսը եւ կաթողիկոսութիւնը, ապահովական նկատումներով, հեռանան Էջմիածինէն, երթան աւելի ապահով վայր: Կաթողիկոսը կը մերժէ հեռանալ մայրավանքէն, կը մնայ ժողովուրդին հետ եւ տէր` մայրավանքին, օրինակ ըլլալով օրհասական կռիւ մղող բանակին:

Պատմութիւնը կը վկայէ նաեւ այլ քաջ եկեղեցականներու մասին, Աւարայրի Ղեւոնդ երէցէն մինչեւ Խրիմեան Հայրիկ, որուն մասին այնքա՜ն խօսուած եւ գրուած է:

Մեր օրերուն ալ կան ծառայութեան ազգային-քաղաքական բարձր գիտակցութեամբ եկեղեցականներ, որոնք իրենց ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար կը պայքարին:

Յաճախ կը յիշեմ ֆրանսացի մեծ գրող Սթանտալին կատարած մէջբերումը, ըստ որուն, առաքինի եւ չդաւող եկեղեցական մը նախախնամութիւն է գիւղին համար: Առաքինի հայ եկեղեցականը նախախնամութիւն եւ օրհնութիւն եղած է հայ ժողովուրդին: Անոնց մասին ալ հարկ է խօսիլ` զինուորականներու, քաղաքական գործիչներու եւ ազգաշէն մեծերու շարքին: Կրկնենք` յօրինակ ժամանակակիցներու եւ գալիքներու:

Հայ եկեղեցականները ուսադիրներ չունէին, բայց կռիւներուն բերած են յաղթանակի հասնելու համար էական ոգեշնչումը, որ այնքան կարեւոր է, օրինակի արժէքով: Անոնք չեն մտածած կեանքի ճոխութեան եւ պերճանքի մասին: Անոնց օրինակը ճամբացոյց պէտք է ըլլայ հայ կրօնականին եւ ընդհանրապէս վկայականներով զինուած սերունդին, այսօր եւ վաղը, անոնց օրինակով պէտք է դատել գիտնալ, անցեալի դրականը բերել ներկայի մէջ:

Այսինքն հայ եկեղեցականներ ժողովուրդին հետ մնացած են վտանգի պահուն` տալով ղեկավարին համար այնքան կարեւոր հայրենատիրութեան փաստը:

Այս տողերը ընդհանրապէս եկեղեցականութիւնը ջատագովելու միտում չունին: Պարզապէս պէտք է ըսել եւ կրկնել, որ ազգի տոկալու եւ տեւելու պայքարը հաւաքական ճիգ կը պահանջէ, վտանգին կուրծք տալու հաւաքական պատասխանատուութիւն:

Պահ մը փորձենք երեւակայել, որ Գէորգ Ե. Սուրէնեանց կաթողիկոսը լսէր թելադրութիւնները եւ հեռանար Էջմիածինէն, այդ բնական կրնար համարուիլ այդ օրերուն եւ այսօր: Բայց ժողովուրդին հետ մնալու որոշումը այսօր կը յիշուի որպէս յանձնառութեան օրինակելի ընթացք, սերունդներու աչքին չէին մեծնար ո՛չ Գարեգին եպիսկոպոսը եւ ո՛չ ալ Սուրէնեանց կաթողիկոսը, հպարտութեան աղբիւր չէին ըլլար, եթէ ապաստանած ըլլային ապահով անկիւններ:

Ժողովուրդները պէտք ունին խորհրդանիշներու: Հարիւրամեակի առիթով, գիտական-ուսումնասիրական հարստացումներու կողքին, պէտք է մտածել խորհրդանիշներու մասին, որպէսզի հայ մարդոց հպարտութիւնը վերականգնի, ոչ սնապարծութիւնը` գեղեցիկ ինքնաշարժի, ադամանդի, ապարանքի, լողաւազանի:

Հայրենատիրական այդ հպարտութիւնը դարման է արտագաղթի ախտին դէմ, հայրենադարձութեան ոգեշնչում, փոխան ապարանքներու կառուցման` հայրենիքի արդիւնաբերութեան զարգացում, որպէսզի ժողովուրդ մնայ հողին վրայ:

Որպէսզի հայը տեւէ` փոխանակ հեռուներ երթալու, ինքնութիւն կորսնցնելու եւ նոյնհետայն  բազմացնելու ուրիշները:

Հայոց կաթողիկոսը չէ հեռացած իր մայրավանքէն, ինչպէս որ հայը պէտք չէ հեռանայ իր հայրենիքէն:

Ազգը երախտապարտ պէտք է ըլլայ այսօր եւ վաղը` հերոսի ոգիով ապրած զինուորականին, քաղաքացիին եւ կրօնականին:

Հարիւրամեակը այս ըմբռնումով պէտք է հասնի հեռու եւ մօտ աշխարհներու իւրաքանչիւրին` իր յարկին տակ:

Որպէսզի ազգային ողջմտութիւնը դառնայ մեր բոլորին իմաստութիւնը:

15 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

Ընտրական Քրոնիկ. Հիմնական Խնդիրը

0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Ազդակ» օրաթերթը իր 24 հոկտեմբեր 1937-ի թիւին մէջ լիբանանահայերուն կոչ կ՛ուղղէր իրենց քուէները չծախելու: Այդ կոչը կը վկայէ, թէ որքա՛ն հին է Լիբանանի մէջ ընտրակաշառքի երեւոյթը: Մայրիներու երկրի անկախութենէն ալ առաջ գոյութիւն ունեցած այդ ախտը, դժբախտաբար, կը գոյատեւէ մինչեւ օրս:

Այլ համայնքներու մօտ այդ ընտրակաշառքները կը կատարուին զուտ ընտրական հաշիւներով: Լիբանանահայերու քուէներու գնումը, սակայն, ընտրական նպատակներ չի հետապնդեր միայն: Ոմանք քուէի դիմաց գումարներ առաջարկելով, իսկ ուրիշներ օդին մէջ գեղեցիկ խօսքեր ու գաղափարներ արձակելով կը փորձեն շլացնել, խաբել ու մոլորեցնել հայ քուէարկողը եւ զայն մղել իր իսկ շահերուն դէմ գործելու:

Նորելուկ քաղաքական դէմքերէն եւ անոնց կողքին ու ետին կանգնած ուժերէն կազմուած այդ վոհմակին նպատակը աւելի քան յստակ է` ջլատել հայութեան ազատ կամքն ու քաղաքական կշիռը: Ահա թէ ինչու անոնց անմիջական թիրախը հայութեան ընդհանրական շահերուն արթուն պահակը, անոր կամքին արտայայտիչն ու ծառան` ՀՅԴ-ն է: Վերջինիս ուժը ժողովուրդն է, այս պարագային` հայ քուէարկողը, ուստի փորձ կը կատարուի կտրելու այդ կապը:

Անոնք կը ջանան լիբանանահայը զրկել իր ինքնուրոյնութենէն եւ զայն վերածել անդիմագիծ քաղաքացիի մը: Ըստ անոնց, մարոնին, սիւննին, շիին եւ տիւրզին իրաւունք ունին իրենց դիմագիծը պահելու, սակայն լիբանանահայը պէտք է ըլլայ միայն լիբանանցի եւ ոչ թէ նաեւ հայ: Խեղճերս ի՞նչ իմանան, թէ մենք կրօնական համայնքէ մը աւելին ենք, մենք ազգ ենք: Մեր ինքնութիւնը չէ հիմնուած ծիսակատարական աւանդութեան վրայ, այլ` բազմահազարամեայ պատմութեան, աստուածատուր գիրեր ունեցող լեզուի եւ բարձր մշակոյթի:

Աւելի՛ն, անցնող 18 տարիներուն ընթացքին, ճիշդ է, որ Դաշնակցութիւնը գործեց միայն 2 երեսփոխաններով, սակայն անոնք Լիբանանի 7-րդ մեծագոյն համայնքին` լիբանանահայութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան քուէներով ընտրուած երեսփոխաններ էին: Անոնց կշիռը այդ հանգամանքէն կը բխէր եւ ոչ թէ` անոնց թիւէն: Անոնք պարզապէս օտար երեսփոխանական պլոքներու մէջ յաւելեալ թիւ մը չեղան, այլ` ուրոյն դիմագիծ, անկախ կամք, խօսք ու կեցուածք ունեցող գործիչներ, որոնք հրաւիրուեցան, եւ անոնց կարծիքը նկատի առնուեցաւ երկիրը յուզող լուրջ ու ծանր հարցերու լուծման համար Տոհայի նման վճռորոշ ժողովներուն ընթացքին:

6 մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին հիմնական խնդիրը երեսփոխանական աթոռ մը աւելի կամ աթոռ մը պակասը չէ, այլ լիբանանահայութեան ընդհանրական շահերը, անոր վարկը, պատիւն ու դիմագիծը պաշտպանելը: Ահա այդ խնդիրը պիտի լուծենք քուէ առ քուէ:

 

 

 

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դրան Առջեւ Պատրաստ Հիւրեր

0
0

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ

Մեր փողոցին մէջ կատուներ
Ներկայ են միշտ սերտ անկիւններ.
Ինքնաշարժի մը տակ պառկած
Կամ պատի մը կից երկնցած.
Հալածող են չար մուկերուն,
Թշնամիներ` թռչուններուն,
Յաճախորդներ` մսագործին,
Բարեկամներ միշտ սիրողին.
Մլաւող են առաւօտեան,
Զուր լալկաններ մութ գիշերուան:
Եթէ գտնեն լքուած պատառ,
Կ՛առնեն, կ՛ուտեն սովորաբար:
Դրան առջեւ պատրաստ հիւրեր,
Չեն սպասեր տան հրաւէր,
Կը վայելեն փափուկ ծոցեր,
Կը նախընտրեն գգուանք ու սէր:
Պատրաստ են միշտ ձեզ ճանկելու,
Շատ սիրողներ անմեղ, հլու:
Մի՛ զարմանաք, անմեղ սրտեր,
Կու տաք շոյանք, կ՛առնէք ճանկեր:

Լիբանան


Մի՛շտ Կողք Կողքի

0
0

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

Առաջին անգամը չէր, որ հայ ժողովուրդը ճգնաժամի մէջ կը յայտնուէր… Մեր ժողովուրդին պատմութիւնը լի է արհաւիրքներով, ճգնաժամերով եւ փոթորկալից ժամանակաշրջաններով: Սուրիական պատերազմը, սակայն, վատթարագոյններէն մէկն էր սփիւռքի մեր ժողովուրդին համար, որովհետեւ ան հարուածեց մեր մայր գաղութը: Դաժան էր պատերազմը, որ դժբախտաբար տակաւին չէ աւարտած, կարգ մը շրջաններու մէջ կը շարունակուին անողոք բախումները: Արդեօ՞ք տակաւին թիրախ կը դառնան հայկական մեր հաստատութիւններն ու զինուորագրեալ մեր հայ տղաքը… Այս ընթացքին ցաւալի դէպքեր յաջորդեցին իրարու, որոնք հարուածեցին բոլորս, ոմանք ուղղակի կորուստներ ունեցան, իսկ ոմանք արտագաղթելով` հոգեպէս տագնապեցան: Արիւնալի սեւ օրերուն հնչեցին անտեղի այպանումներ, «դուրս»-ի եւ «ներս»-ի միջեւ փոխադարձաբար, որոնք, սակայն, կարծիքովս, ոչ թէ տրամադրութիւնները սրելու նպատակով էին, այլ երբեմն ինքնարդարացումի կամ նոյնիսկ սրտցաւութեան ճիչեր էին: Սուրիա մնացողները եթէ ապրեցան անտանելի պայմաններու մէջ, Սուրիայէն հեռացողներն ալ ապրեցան ոչ նախանձելի պայմաններու մէջ… իւրաքանչիւրը ունէր իր պատճառները կամ նոյնիսկ հաշիւները` մնալու կամ հեռանալու… Այս թոհուբոհին մէջ մէկ բան շատ յստակ է ու անհերքելի, Սուրիայէն ներս թէ դուրս` բոլորս տուժեցինք, տուժեցինք` հոգեպէս, բարոյապէս, նիւթապէս կամ մարդկային կորուստով:

Հիմա ժամանակն է այլեւս այս բոլորը մեր ետին ձգելու, մանաւանդ` այպանումները, հիմա ժամանակն է վերականգնելու, վերակազմակերպուելու ու վերածնելու: «Գանձասար»-ը այս առումով գնահատելի նախաձեռնութեան մը դիմած է` «Կամուրջներ հաստատենք» բնաբանով: Հետեւաբար այս առիթով առաջին խորհրդածութիւնը այն է, թէ արդեօ՞ք կամուրջներ հաստատելու կարիքը կայ, ինչո՞ւ ե՛րբ խզուած էին կապերը, ե՞րբ արտագաղթողները դադրած էին իրենց մայր գաղութով եւ ծննդավայրով հետաքրքրուելէ…

Հեռացանք Հալէպէն, այո՛, բայց մեր հոգիներու խնդութիւնը հոն մնաց… Այս մէկը սոսկ զգացական արտայայտութիւն չէ, խնդրե՛մ, այլ` իրականութի՛ւն… Մեր հոգիներէն մասնիկ մը մնաց հոն, մեր յիշատակներուն, տուներուն եւ նոյնիսկ փոշոտ թաղերուն արանքներուն մէջ… մեր կառոյցներուն, եկեղեցիներուն, դպրոցներուն ու ակումբներուն մէջ… որքան ալ ուրախալի պահեր շնորհուին մեզի դուրսի կեանքին մէջ, զգացինք, ու տակաւի՛ն կը զգանք, որ ամբողջական չէ մեր ուրախութիւնը: Հալէպը մեր սրտերուն մէջ գրկած` հասանք օտար ափեր: Իւրաքանչիւր գաղութ ունի իր իւրայատկութիւնը, բացասական եւ դրական երեւոյթները, տեղ-տեղ անախորժ դէպքեր արձանագրուեցան, սակայն ընդհանուր կեցուածքը մէկ էր` օգնել մեր սուրիահայ եղբայրներուն, տեղ մը աւելի, տեղ մը նուազ պատրաստակամութեամբ կամ կարելիութիւններով… Բայց բոլոր պարագաներուն ալ դժուարութիւնները անհաշիւ էին` լեզուի, օրէնքներու, ապրելակերպի ու միջավայրի առումով:

Պէտք է խոստովանիլ, որ հակառակ այս բոլորին` մեր գաղթական ժողովուրդը չյուսահատեցաւ ու չընկրկեցաւ, շարունակեց ապրիլ, գոյատեւել, ձեւով մը իր գոյութիւնը պահպանել եւ, ինչո՞ւ չէ, պարտադրել, ունեցանք յաջողութիւններ արձանագրողներ` բոլոր մակարդակներու վրայ: Անոնք փորձեցին ընտելանալ, նոր լեզու սորվիլ, նոր ասպարէզներու մէջ մխրճուիլ եւ այլն: Պատերազմը երբեմն պատճառ դարձաւ նորանոր յաջողութիւններ արձանագրելու, նոր հորիզոններ նուաճելու, ինքնազարգացման նոր միջոցներ որոնելու:

Իսկ Հալէպը ինչո՞ւ իւրայատուկ է… Դժուար է երբեմն նման զգացումներ բառերով արտայայտել կամ բնորոշել, կան երեւելի ազդակներ, սակայն կան նաեւ աներեւոյթ, ներքին ու հոգեկան աշխարհին հետ կապուած գործօններ… Հալէպին ազդեցութիւնը այնքա՜ն մեծ էր ու է՛ տարիներէ ի վեր… Հալէպէն հեռանալով` նախ ականատես եղանք, որ մեզմէ առաջ այս օտար երկիրներուն մէջ հաստատուող հալէպահայերէն շա՜տ շատերը այս գաղութներու հայկական հաստատութիւններու ղեկավարներուն մեծ մասը կը կազմեն, այս մէկը արդէն անհերքելի ապացոյց է, որ Հալէպը հինէն ի վեր հայ մարդուժի կերտման կարեւոր կռուաններէն մէկը եղած է: Ոմանք զայն կը կոչեն պահպանողական գաղութ. այո՛, պահպանողական էր, բայց այդ պահպանողականութեամբ կրցաւ պահպանել մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր հայկական ոգին, որուն պէտք ունին ուրիշ շա՜տ մը գաղութներ: Սուրիահայութիւնը ցիրուցան եղաւ, բայց նաեւ նոր ոգի եւ շունչ բերաւ կարգ մը գաղութներու, վերակենդանացուց գաղութային կեանքը եւ ոգի ի բռին ողողեց բոլոր հայկական հաստատութիւնները, սկսաւ անսակարկ ծառայել մեր կառոյցներուն մէջ. այս առումով, պէտք է խոստովանինք նաեւ, որ այս գաղութներն ալ սրտբաց ընդունեցին մեզ եւ փորձեցին ամէն կերպ օժանդակել:

Հալէպահայը, ուր որ ալ ըլլայ, կը մնայ, սակայն, հոգեպէս կառչած Հալէպին, անտեղի չէր, որ զայն կը կոչէինք երկրորդ հայրենիք. Հալէպէն հեռանալով` իրողապէս զգացինք այդ անուանումին իմաստը, որ արդարացի էր: Մեր լաւ ու նոյնիսկ վատ յիշատակները, կեանքը, դաստիարակութիւնը, հոգեկան պատկանելիութիւնը, շրջանակը, հարազատները, երբեմն ապրելակերպի մանր-մունր մանրամասնութիւնները, այս բոլորէն անդին` նաեւ մեր գաղութին իւրայատկութիւնները, ընկերային եւ ազգային կեանքը, նոյնիսկ մտածելակերպը, գործելակերպը մեր հայեացքները յառած կը պահեն ու պիտի պահեն անոր… տակաւին եւ մի՛շտ պիտի յուզուինք անոր տագնապներով, պիտի ուրախանանք նուաճումներով, պիտի հրճուինք վերականգնումով, պիտի ցաւակիցները ըլլանք մեր նահատակներուն ծնողներուն ու ընտանիքներուն, պիտի նպաստենք անոր վերականգնումին, պիտի աջակցինք հոն գտնուող մեր ժողովուրդի զաւակներուն. չեմ կարծեր, որ երբեք դադրեցանք այս մէկը ընելէ… մեր ժողովուրդը, հա՛յ ժողովուրդը, ո՛ւր որ ըլլայ, անվարան կը փութայ իր ժողովուրդի զաւակներուն աջակցելու ամէ՛ն տեղ, հայրենիքի՛ մէջ, եթէ պէտք ըլլայ, Արցախի՛ մէջ, նոյնպէս եւ Իրաքի կամ Սուրիոյ մէջ: Մենք որպէս ժողովուրդ` փաստած ենք այս մէկը մեր պատմութեան ամբողջ ընթացքին ու պիտի շարունակենք այդպէս մնալ:

Ներսն ու դուրսը իրարմով կ՛ապրին, առ այսօր կը շարունակուին փոխադարձ յարաբերութիւնները բոլոր մակարդակներուն վրայ: Յստակ է, որ մեր ժողովուրդը բոլոր ժամանակներէն աւելի իրարու պէտք ունի հիմա, ներս թէ դուրս. այս մէկը երկու մակարդակներով տեղի կ՛ունենայ, առաջինը` հարազատներու իրարու աջակցութեամբ, իսկ երկրորդը` մեր կազմակերպութիւններուն միջոցով: Վերականգնումի զանգը հնչած է արդէն, ծրագիրները կը մշակուին, եւ ես վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդը ամէնուր պիտի անսայ սուրիահայութեան վերականգնումի կոչին եւ պիտի աջակցի անոր, փոխադարձաբար  արտագաղթողները նոյնպէս կարիքը ունին Սուրիա մնացած մեր ժողովուրդին հետ իրենց կապերը պահպանելու, որովհետեւ այդ մէկը շունչ ու ոգի կը ներշնչեն մեզի, հոգեկան ուժ եւ կորով կը պարգեւեն` գոյատեւելու այս օտար ափերուն մէջ եւ` բոլոր նոր մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները յաղթահարելու:

Հուսկ, «ներս» եւ «դուրս» անուանումները քիչ մը խորթ կը թուին ինծի անձնապէս, որովհետեւ երբեք մենք զմեզ «դրսեցի» չզգացինք, պիտի չզգանք, մենք հոգեպէս, մտովին եւ ամբողջ սրտով կառչած ենք Հալէպին ու պիտի մնանք այդպէս, պիտի ապրի՛նք իրարմով, պիտի գոյատեւե՛նք իրարմով, պիտի զօրանանք ու պիտի վերականգնինք, վերապրի՛նք ու վերածնի՛նք իրարմով: Կամուրջները երբե՛ք չքանդուեցան ու պիտի չքանդուին, երբեք չխզուեցան կապերը ու պիտի չխզուին: Պիտի ուրախանա՛նք մէկզմէկու իրագործումներով, պիտի տխրինք տագնապներով, պիտի հպարտանանք իրարմով, որովհետեւ մենք, նախ եւ առաջ, մէ՛կ ազգի զաւակներ ենք, մէ՛կ ժողովուրդ ենք, թէեւ ցիրուցան, թէեւ` աշխարհի ամբողջ տարածքին սփռուած, սակայն մի՛շտ ձեռք ձեռքի ու բազուկ բազկի, մի՛շտ` կողք կողքի:

 

Քաղաքական. Պատերա՞զմ, Թէ՞ Քաղաքական Ճնշում

0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

«Ինթըրնեշընըլ քրայսիս կրուփ» կազմակերպութիւնը փետրուար 2018-ին հրապարակեց հետազօտութիւն մը, ուր կը քննարկէ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ ծաւալելիք յառաջիկայ հաւանական պատերազմը, եւ թէ ինչպէ՛ս Ռուսիա կրնայ կասեցնել այդ հարցը:

Հրապարակուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Հըզպալլա ամէն ջանք կը թափէ, որ հզօրացնէ իր դիրքերը հարաւային Սուրիոյ մէջ եւ ընդարձակէ իր քաղաքական ու ռազմական ազդեցութիւնը` ռազմակայաններ կառուցելով Սուրիոյ տարածքին: Այս արարքը մղեց Իսրայէլը, որ «կարմիր գիծեր» ճշդէ Սուրիոյ մէջ: Հետազօտութիւնը կ՛առաջարկէ, որ Ռուսիա ճնշում բանեցնէ Իրանի վրայ: Եթէ Իրան կ՛ուզէ պատերազմի մէջ չմտնել, ապա պէտք է իրանամէտ ուժերը քաշուին Կոլանի շրջակայ գիւղերէն եւ կասեցնեն ռազմական կեդրոններու կառուցումը երկրին մէջ:

Սկզբնական շրջանին Իսրայէլի նպատակն էր արգիլել Հըզպալլային հասցնել որեւէ հրթիռ, որ կրնայ խախտել ուժերու հաւասարակշռութիւնը Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ: Հետագային այս «կարմիր գիծեր»-ու սահմանը ընդարձակուեցաւ եւ ընդգրկեց ո՛չ միայն Հըզպալլան, այլեւ` բոլոր իրանամէտ կազմակերպութիւնները, որոնք կը գտնուին Դամասկոսի հարաւը: Իսրայէլ նաեւ «կարմիր գիծեր» դրաւ Իրանի վրայ` սպառնալով, որ պիտի ռմբակոծէ իրանական ռազմական բոլոր կեդրոնները ո՛չ միայն Սուրիոյ հարաւը, այլեւ` երկրի ամբողջ տարածքին, եւ քանի մը օր առաջ արդէն իսկ ռմբակոծեց Հոմսի մէջ իրանական ռազմական օդակայանը` սպաննելով 13 անձ: Վերջապէս, իսրայէլեան կողմը ճշդեց այլ «կարմիր գիծ» մըն ալ: Ան հաստատեց, որ պիտի ռմբակոծէ որեւէ դիրք, ուրկէ կը ռմբակոծուին իսրայէլեան դիրքերը: Ասիկա դարձաւ հիմնական պատճառաբանութիւնը, որ Իսրայէլ ռմբակոծէ սուրիական կեդրոնները, որոնք կը գտնուին սահմանային շրջաններուն մէջ, յատկապէս` Կոլանի:

Հակառակ անոր որ հետազօտութիւնը կը նշէ Ռուսիոյ դերը Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ միջնորդ ըլլալու գծով, սակայն ան չ՛անդրադառնար այն իրողութեան, որ ո՛չ Իսրայէլը եւ ո՛չ ալ Իրանը պատրաստ են պատերազմի, որուն ելքը մէկը չի գիտեր:

Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Ասթանայի եւ Սոչիի խորհրդաժողովներէն ետք, Միացեալ Նահանգներ զգացին, որ սուրիական տագնապի լուծման հոլովոյթէն դուրս մնացին, հետեւաբար Թրամփի վերջին սպառնալիքները այս ծիրին մէջ կ՛իյնան: Հակառակ անոր որ խաղաղութեան իրականացումը տակաւին շատ կանուխ է Սուրիոյ մէջ, սակայն շրջանային նոր պատերազմէ մը մէկը յաղթական չի կրնար դուրս գալ: Իրան եւ Իսրայէլ ունին իրենց քաղաքական եւ ռազմավարական շահերը:

Անցեալ ամսուան դէպքը շատերուն մէջ յառաջացուց այն կասկածը, որ պատերազմը Սուրիոյ մէջ շուտով կը տարածուի: Առաջին անգամն էր, 1973-էն ի վեր, որ իսրայէլեան ռազմական օդանաւ մը վար կ՛առնուէր սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ, իսկ իրանեան կողմի առանց օդաչուի սարք ղրկելը Իսրայէլ` այլ աննախընթաց արարք մըն էր: Սակայն երկու կողմերը զուսպ մնացին: Սակայն Իրան ունի այլ հաշիւներ` չպատերազմելու Իսրայէլի դէմ: Իրանի տնտեսական վիճակը կայուն չէ, ասիկա կը վկայեն անոր ներքին հարցերը: Ամիսներ առաջ հազարաւոր իրանցի երիտասարդներ դէմ արտայայտուեցան իրենց կառավարութեան տրամադրած տնտեսական օժանդակութիւններուն` Հըզպալլային, Համասին եւ Սուրիոյ, մինչ իրանցի երիտասարդութիւնը կը տառապէր անգործութենէ: Ռուսիան նոյնպէս դէմ է պատերազմին, որովհետեւ մինչեւ օրս ան անկարող է քաղաքական լուծում մը գտնել: Նախագահ Փութին երկու անգամ յայտարարեց ռուսական զօրամասերը Սուրիայէն հեռացնելու մասին, սակայն ատիկա տակաւին չիրականացաւ: Իսկ սուրիական կառավարութիւնը արդէն իսկ ընկղմած է Իտլիպի եւ Դամասկոսի ճակատներուն մէջ եւ չի կրնար այլ ճակատ մը բանալ հարաւի մէջ: Միւս կողմէ, Իսրայէլի մէջ ներքին ճակատը ամրապնդուած չէ: Վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու փտածութեան մէջ ընկղմած է, եւ անոր կառավարութիւնը զբաղած է Կազայի հարցով: Վերջապէս, 2006-ին Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը ցոյց տուաւ Իսրայէլի ռազմական սահմանափակումները, եւ Լիբանանի դէմ որեւէ պատերազմ իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Նեթանիահուի քաղաքական ասպարէզին վրայ, մանաւանդ որ Հըզպալլա վերջին տասը տարիներուն աւելի արդիականացուց իր զէնքերն ու հրթիռները, եւ ասիկա կը վկայեն իսրայէլեան լրատուական միջոցները: Իսկ Հըզպալլայի համար նաեւ վտանգ է Իսրայէլի դէմ պատերազմ յայտարարելը, որովհետեւ ատիկա ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ իր քրիստոնեայ դաշնակիցներուն վրայ:

Հետեւաբար, այսպիսի պատերազմ մը ո՛չ Իսրայէլի, ո՛չ ալ Իրանի քաղաքական հաշիւներուն մէջ կան: Պատերազմ կ՛ըլլայ միայն այն ատեն, երբ կողմերէն մէկը վստահ ըլլայ, որ կրնայ արձանագրել շատ արագ յաղթանակ` զօրաւոր հարուած հասցնելով թշնամիին, սակայն նկատի ունենալով երկու ուժերուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը` ներկայիս պատերազմը անկարելի է:

Yeghia.tash@gmail.com

Մեր Գիտակի՛ց Վերածաղկումը

0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 2017-էն մինչեւ տարեվերջի օրերը Քալիֆորնիա նահանգին մէջ տեղի ունեցան անտառային աղէտալի հրդեհներ, որոնք մահ ու աւեր տարածեցին Նափա հովիտէն մինչեւ Սանթա Պարպարայի Վենթուրայի ու Լոս Անճելըսի մերձակայ ու Օրենճ Քաունթիի կարգ մը շրջանները. հրդեհներէն հալածական բնակիչներ կարճ ատեն ետք երկրորդ տեղահանութեան մը ենթարկուեցան, երբ անձրեւաբեր եղանակը ողողումներ ու ցեխի սահանքներ պատճառեց բուսականութենէ զրկուած լեռնալանջերու դրացի շրջաններու մէջ:

Հրդեհի զոհ գացած շրջաններէն մէկն էր Սիլմարէն մինչեւ Սանլենտ ու Լա Քրեսենթա տարածուող գօտին, ուր առաւելաբար բլուրներն ու մերձակայ բարձունքները բառին ամէնէն պարզ իմաստով սեւցան. թուփեր ու վայրի մարգագետիններ հրոյ ճարակ դարձան (հրդեհը չխնայեց մօտակայ բնակարաններն ու ագարակները), ծառեր ու կիսածառեր ածխացան կամ կիսովին կիզուեցան: Այնուհետեւ, մինչեւ փետրուարի վերջերը, այդ շրջաններէն երթեւեկողներու աչքերը գորշ ու տխուր բարձունքներու դէմ յանդիման էին քանի մը ամիս: Անոնք նաեւ նկատեցին, որ պետական կարգ մը սպասարկութիւններու գործաւորներ մայրուղիներու կից բարձունքներու վրայ աշխատանք կը տանէին, որպէսզի հաւանական անձրեւներէ յառաջանալիք հողի սահանքներ կանխարգիլուին: Որոշ շրջաններու մէջ ալ գործաւորներ մայրուղիներու մերձակայ հողատարածքներ ծածկեցին կանաչ «հեղուկ»-ով մը, որ կը պարունակէ բուսական սերմեր, որպէսզի այդ շրջաններուն մէջ բուսական կենդանութիւնը քաջալերանք ստանայ վերածաղկելու:

Յետոյ վրայ հասան մարտեան անձրեւաբեր օրերը: Հոգածութեան ենթակայ դարձած կամ անոնցմէ անդին` լայնատարած գօտիներ` բլուրներ ու սարալանջեր շուտով սկսան կանաչի զարնել, խոտ-մամուռ եւ մանր թուփեր գլուխ բարձրացուցին սեւցած հողէն, մինչեւ իսկ կիսովին այրած կիսածառեր կանաչութեան հետքեր ցուցադրեցին: Հիմա այդ տարածքները յստակօրէն կանաչազարդ են, աւելի՛ ակնահաճոյ, քան` սեւցած բլուրներն ու բարձունքները: Բնութիւնը իր հոգածու ձեռքերը տարածած է ու գգուանքով, անարգել կը վերակենդանացնէ ածխացած բարձունքներն ու ձորերը, ճամբեզրի տարածքները: Յաւելեալ անձրեւի յոյսերը կը նուազին ու քանի մը շաբաթ ետք, կիզիչ արեւը դարձեալ սրճագոյնով պիտի ներկէ այդ տարածքները, սակայն վերակենդանացումը պիտի շարունակուի, եթէ նոր հրդեհներ չկասեցնեն բնական ընթացքը:

***

Մենք` հայերս, բոյս կամ թուփ չենք, սակայն մենք ալ դար մը առաջ զոհը դարձանք ահաւոր հերդեհներու, որոնք տասնամեակներու վրայ կրկնուեցան ու տարածուեցան մեր պատմական հայրենիքին մէջ, արմատախիլ ըրին Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ բնակիչներս: Ցեղասպանը այնուհետեւ թոյլ չտուաւ, որ բնական վերածաղկում ապրինք մեր բնական հողին վրայ, այլ ընդհակառակը, մինչեւ օրս ալ անոր ջարդարար ձեռքերը կը շարունակեն եղեռնագործութիւնը, հայութեան հետքերը ջնջելու համար մեր բնօրրանէն:

Սակայն, այլապէս, մեր վերականգնումն ու վերածաղկումը տեղի ունեցան գիտակի՛ց բնականութեամբ, ազգին ու հայրենիքին գոյատեւման պահպանման ընդոծին զգացողութեան ընդառաջ: Նոյն այդ յատկանիշը այսօր մեր մէջ քայլ առ քայլ, ալիք առ ալիք կ՛ամրապնդէ աղէտին ահագնութեան գիտակցութիւնն ու վերածաղկումը ամբողջակա՛ն հայրենիքին մէջ իրականացնելու կամքը: Մեր վերակենդանացումը որոշ նմանութիւն ունի հրդեհներէ սեւցած սարալանջերու վերածաղկումին հետ, այն տարբերութեամբ, որ մենք միայն բնութեան չենք վստահած, այլ հաւատարիմ ենք պատմութեան կանչին:

Սա նոր գիտակցութիւն չէ, այլ անիկա մեր իմացական աշխարհին մէջ ներկայութիւն է Ցեղասպանութեան յաջորդած տարիներէն սկսեալ: Այս ճշմարտութիւնը առաջին իսկ օրերէն արտայայտութիւն գտած է մեր գեղարուեստական գրականութեան մէջ, իբրեւ հարազատ հայելին` մեր ժողովուրդի կամքին: Եւ այս գիտակցութեան ու զգացումին լաւագոյն արտայայտութիւններէն մէկն ալ Մատթէոս Զարիֆեանի 20-ական տարիներու սկիզբը թուղթին յանձնուած «Ծառը» բանաստեղծութիւնն է (տեսնել կողքի սիւնակին մէջ), որ գոհար մը ըլլալու կողքին, կը մնայ ապագային մասին լաւատեսութեան եւ յոյսի այժմէական ու անժամանցելի վկայութիւն:

Ապրիլ 2018

***

ԾԱՌԸ

Ձմեռ օրեր,
Երբ փոթորիկն ըլլար մըռայլ,
Ես կ՛երթայի` խորն ամայի դաշտերուն,
Ականջ տալու կէս-գիշերուան քրքիջին:

Սլա՞ցքն անոր…
Պերճ ու հպարտ խաղաղութեամբ մը խորունկ,
Ան կ՛երկարէր արտասուահիւծ աստղերուն`
Բազուկներն իր հոլանի,
Զերդ պարմանի մ՛իր հարսին.
Գիշերին մէջ կը լսէի կարծես թէ`
Ձայնն իր զուլալ համբոյրին…

Ինծի համար,
Խորհրդանիշն էր ան Ուժին ու Կեանքին…
Եւ ես հաւատքն ունէի իր անմահութեան…
Փոթորիկին դէմ իր քրքիջով`
Ան մտածումըս կը հանէր լեռնէ մեր վեր…:

***

Անցեալ աշնան,
Օր մը յանկարծ մարդեր եկան
Խորն ամայի այն դաշտերուն,
Կացիններով, պարաններով…
Ուրուականնե՞ր էին կարմիր.
Կը խնդային վըհուկի պէս…:

Հսկայ մուրճովն իր արեւուն`
Աստուած դարեր աշխատեր էր անոր համար:
Այդ մարդերուն
Քանի մը ժամը բաւեց
Զայն խլելու իր յոգնաբեկ բազուկներէն…

Իր մահէն ետք,
Ա՛լ չգացի, երբ փոթորիկն եղաւ մռայլ,
Խորն ամայի դաշտերուն.
Մտածումս իջեր էր վա՜ր լեռներէն…

***

Հիմա աղուոր գարուն է.
Եւ անցեալ օր,
Մղում մ՛յամառ նորէն քայլերս ուղղեց հո՛ն,
Խորն ամայի այն դաշտերուն.
Եւ յուզումէս ինկայ ծունկի…

Կացինահար ծառն էր նման շիրմաքարի
– Սեւ գերեզման մը խոժոռ,-
Բայց իր կողէն`
Արծուաթռիչ նիզակներու խրոխտանքով`
Բարունակներ ժայթքեր էին դէպի երկինք:
Անոնց մէջէն
Նորափետուր թռչուններ ե՜րգ կ՛երգէին…:

ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

Արցախի Ներկայացուածութիւնը Արտերկրում` Ջղագարութեան Պատճառ Պաքւում

0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Անշուշտ առաջին անգամը չէ, եւ մեզ համար նոր չէ ջղագարութեան այս հերթական ալիքը, որ ներկայումս դարձեալ հեղեղել է Պաքուն եւ, առանձնապէս, նրա քաղաքական վերնայարկերը` կապուած արցախեան պատուիրակութիւնների արտասահմանեան այցերի ու դրանց միջոցով արտերկրում, մանաւանդ գերտէրութիւններում Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուածութեան փաստի հետ: Մեր չարակամ հարեւանների գիտակցութեանն ու քաղաքական մտածողութեանը բնորոշ այդ հիւանդագին երեւոյթին, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, քրոնիկական է եւ անբուժելի, մենք քանիցս ականատես ենք եղել անցած տասնամեակների ընթացքում` լինեն դրանք արցախեան շարժման, թէ շուրջ եռամեայ պատերազմի ժամանակ, թէ հաստատուած հրադադարի արդիւնքում առաջացած յարաբերական անդորրի կամ, այսպէս կոչուած, փխրուն խաղաղութեան պայմաններում:

Վերյիշենք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպական ջանքերով ամէն տարի եւրոպական եւ ամերիկեան, աշխարհի այլ երկրներում յօգուտ Արցախի իրականացուող հանգանակութիւնները, որոնք ամէն անգամ ուղեկցւում են ազրպէյճանական իշխանութիւնների բողոքի նոթաներով, այդ երկրի լրատուամիջոցների վայրահաչոցներով: Պաքւում, անկասկած, յստակ պատկերացնում են, որ այդ միջոցառումները սոսկ մարդասիրական նպատակների ծառայող դրամահաւաքներ չեն` ուղղուած Ազրպէյճանի իսկ սանձազերծած պատերազմի ծանր հետեւանքների վերացմանը, աւերուած տնտեսութեան վերականգնմանն ու զարգացմանը, ժողովրդի կենսական պայմանների բարելաւմանը, այլ նաեւ Արցախի` որպէս կայացող եւ միջազգային ճանաչման ձգտող պետութեան, այսինքն` հարաւկովկասեան տարածաշրջանում տեղի ունեցող ռազմաքաղաքական գործընթացներում լուրջ դերակատարութիւն ստանձնած երկրի ներկայացուածութեան ու ճանաչուածութեան ապահովման բաղկացուցիչ միջոցներ:

Վերյիշենք Արցախի Հանրապետութեան պետական կառավարման տարբեր ճիւղերի` գործադիր եւ օրէնսդիր մարմինների, նոյնիսկ կրթամշակութային ոլորտների պատասխանատուների արտասահմանեան եւ կամ արտերկրի նրանց գործընկերների պատասխան այցերի մոլագար ու  թունոտ արձագանգները Պաքուից: Անգամ զբօսաշրջիկների այցերը մեր հանրապետութիւն, ճանապարհորդների, որոնց եթէ ոչ մեծամասնութեան, ապա մի որոշ մասի հիմնական նպատակը սոսկ արցախեան բնութեան անձեռակերտ հրաշալիքներին ու հնութեան ձեռակերտ յուշարձանների ճարտարապետական մտայղացման կատարելութեանը հաղորդակցուելն է կամ, պարզապէս, հանգստանալը կուսական բնութեան գրկում, դարձեալ կատաղի զայրոյթի տեղիք է տալիս Ազրպէյճանում: Հասկանում են անշուշտ, որ զբօսաշրջութիւնը ոչ միայն կայուն եկամուտի աղբիւր է Արցախի համար, այլեւ այցերի ընթացքում անխուսափելի մարդկային սովորական շփումների ու դրանց միջոցով ժողովրդի կենցաղի դրուածքին, դարաւոր աւանդոյթներին, ստեղծած մշակութային արժէքներին, ազատութեան ու անկախութեան իղձերին եւ դրանց իրականացման ճանապարհի ձեռքբերումներին մօտիկից հաղորդակցուելու, հետեւապէս` այցելութեան երկիրը նաեւ հանրօրէն ճանաչելու լայն հնարաւորութիւն:

Պատահական չէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնն ահա տարիներ ի վեր կազմում է անցանկալի անձանց մի իւրատեսակ «Սեւ ցուցակ», որի մէջ, ըստ տարբեր աղբիւրների տուեալների, ներառուած է 650-700 օտարերկրացու անուն: Չմոռանանք, որ այդ մարդիկ ոչ միայն «անցանկալի անձի» համարում ունեն Ազրպէյճանում, այլեւ, որպէս այդպիսիք, փաստօրէն, յայտարարուած են Ազրպէյճանի թշնամիներ: Բայց, հաշուի առնելով, որ օտարերկրացի այդ զբօսաշրջիկներն ունեն ընտանիքներ, մօտ ու հեռու հարազատներ, գործընկերներ ու պարզապէս ծանօթներ, ապա կարելի է պատկերացնել, թէ Պաքուն իր այդ անիմաստ ու անհեռանկար վարքագծով տարեկան քանի թշնամի է ձեռք բերում աշխարհի չորս ծագերում` արեւելքից արեւմուտք եւ հիւսիսից հարաւ:

Այս կապակցութեամբ ահա թէ ինչ է գրում Հայաստանում Միացեալ Նահանգների նախկին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Էւանսը «Արդեօք, Թրամփը կ՛անտեսի՞ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի այցը» յօդուածում, որ հրապարակուել է մարտի 11-ին` ամերիկեան «Տը նէյշընըլ ինթըրըսթ» վերլուծական պարբերականում, մի փորձառու դիւանագէտ, ով վաղուց ու շատ լաւ ծանօթ է Հայաստանի, Արցախի եւ, առհասարակ, հարաւկովկասեան տարածաշրջանի հիմնախնդիրներին: Յիշեցնեմ, որ Ճոն Էւանսն Արցախ է այցելել 2016-ի յուլիսին` ապրիլեան պատերազմից յետոյ: Նա վկայակոչում է այն ամէնը, ինչ տեսել է սեփական աչքով: Չնայած` աշխարհը չի ճանաչում, ասում է նա, սակայն ԼՂՀ ժողովուրդը եւ իշխանութիւնները կառուցում են իրապէս աշխատող ժողովրդավարութիւն: Ազրպէյճանը, նշում է ամերիկացի  դիւանագէտը,  արգելանքների է  ենթարկում բոլոր այն օտարերկրացիներին, ովքեր Ղարաբաղ են այցելել առանց դրա համար նրա համաձայնութեան: Ուստի ներկայումս Պաքուի «Սեւ ցուցակում» են յայտնուած, օրինակ, օփերային երգչուհի Մոնսերաթ Քապալիէն, շէֆ-խոհարար, գրող եւ հեռուստատեսային խօսնակ Էնթընի Պուրտենը, լրագրող եւ գրող, «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթի սիւնակագիր Դեւիդ Իկնատիուսը եւ շատ ուրիշներ: Նրանց այժմ արգելուած է այցելել Ազրպէյճան: «Հաշիւն ամբողջացնելու համար,- յայտնում է Ճոն Էւանսը,- արդէն այդ ցուցակի մէջ եմ մտցուած նաեւ ես»: Էւանսն այնուհետեւ ընդգծում է. «Արցախի ժողովուրդը պարզապէս ուզում է ապրել խաղաղութեան եւ ազատութեան մէջ: Չնայած նրան, որ դեռեւս որոշուած չէ Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակը, Արցախի ժողովուրդն օժտուած է եւ պէտք է օգտուի բոլոր այն իրաւունքներից, որոնք միւսներն ունեն, եւ պէտք չէ մեկուսացման ենթարկուի մնացեալ մարդկութեան կողմից»:

Պաշտօնական Պաքուի ջղագարութեան այս էլ որերորդ հերթական բռնկումները, ինչպէս տեղեակ էք, արձանագրուել են վերջին երկու ամսում` մարտին եւ ապրիլին` կապուած լինելով Արցախի Հանրապետութեան մի շարք բարձրաստիճան պաշտօնեաների արտասահմանեան ուղեւորութիւնների հետ: Այդ ընթացքում, ինչպէս յայտնի է, նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնն աշխատանքային այցով մեկնել էր Միացեալ Նահանգներ, ապա եւ` Լիբանան,  Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի պատուիրակութիւնը` Ֆրանսա, պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը` Լիբանան, ապա եւ` Աւստրալիա, իսկ արտաքին գործերի նախարար Մասիս Մայիլեանը` Մոսկուա: Պաշտօնական Պաքուի զայրալից յոխորտանքին են արժանացել առանձնապէս  մեր պետութեան ղեկավարի եւ խորհրդարանի նախագահի այցերը, որոնք երկուսն էլ, կրկնում եմ, աշխատանքային  բնոյթ էին կրում:

Եւ այսպէս, մարտի 12-ին ժամանելով Ուաշինկթըն` Արցախի նախագահը մի ամբողջ շարք հանդիպումներ է ունեցել հայկական սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւնների ներկայացուցիչների, այդ երկրի դիւանագիտական ու փորձագիտական շրջանակների հետ: Բացի այդ, այցի ծրագրային շրջանակներում նա հրաւիրուել է Քոնկրես, որտեղ արտաքին կապերի գծով յանձնաժողովի մի խումբ անդամների հետ քննարկել է արցախա-ամերիկեան յարաբերութիւնների զարգացմանն ու ամրապնդմանը, ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորմանը եւ տարածաշրջանային գործընթացներին առնչուող հարցեր: Այնուհետեւ Քոնկրեսում կազմակերպուել է ընդունելութիւն` նուիրուած արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի` արցախեան շարժման 30-ամեակին: Միացեալ Նահանգների մի մեծ խումբ ազդեցիկ քոնկրեսականների ու ծերակուտականների մասնակցութեամբ տեղի ունեցած այդ հանդիսութեանը Բակօ Սահակեանը հանդէս է եկել էական շեշտադրումներով յագեցած ճառով:  Ամերիկացի խորհրդարանականներին ուղղուած իր խօսքում Արցախի նախագահը, ինչպէս յայտնի է,  համոզիչ փաստարկներով ներկայացրել է ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան բուն էութիւնը, պատմաիրաւական եւ իրաւաքաղաքական հիմունքները, արցախահայութեան բնաջնջման Պաքուի որդեգրած եւ հետեւողականօրէն կիրարկած քաղաքականութիւնը, Արցախի ժողովրդի ինքնապաշտպանութեան եւ անկախ պետականութեան կերտման օրինական իրաւունքը, ընդգծել, որ հանրապետութեան իշխանութիւնները, ի տարբերութիւն պաշտօնական Պաքուի, կողմ են  հակամարտութեան խաղաղ, բանակցային կարգաւորմանը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի հովանու ներքոյ` բացառելով պատերազմի վերսկսումը եւ, առհասարակ, ուժի կիրառումը: Նախագահն իր  խօսքում միեւնոյն ժամանակ կարեւորել է, որ Միացեալ Նահանգների օրէնսդիր մարմինն առաջիններից մէկն է դատապարտել Սումկայիթի հայ խաղաղ բնակիչների կոտորածները 1988թ. փետրուարին եւ, ընդհանուր առմամբ, այդ եւ հետագայ տարիներին Ազրպէյճանի վարած հակահայ ջարդարարական քաղաքականութիւնը: Ի լրումն ասուածի` Բակօ Սահակեանն ընդգծել է, որ Միացեալ Նահանգները փաստօրէն աշխարհի միակ պետութիւնն են, որը պարբերաբար ամէնամեայ ֆինանսական օժանդակութիւն է ցուցաբերում Արցախին, ինչի համար նա երախտագիտութիւն է յայտնել ամերիկեան ժողովրդին ու նրա իշխանութիւններին: Բացի այդ, անդրադառնալով Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման խնդրին, նա նշել է, որ այդ գործընթացը ներկայումս յաջողութիւններ է արձանագրում յատկապէս Միացեալ Նահանգների քաղաքային ու նահանգային մակարդակներում:

Արցախի նախագահի ելոյթն ամերիկեան Քոնկրեսում արժանուոյնս է ընկալուել ու գնահատուել ներկաների կողմից: Լիբանանահայ մեր գործընկեր, քաղաքագէտ Շահան Գանտահարեանի դիտարկմամբ, որ նա շարադրել է «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրականում. «Այս բոլոր հիմնադրոյթներուն ներկայացման ընթացքին օգտագործուած են միջավայրի կողմէ դիւրին ըմբռնելի թեմաներ, խնդիրներու արծարծման առանցքներ, համապատասխան եզրաբանութիւն, որոնք այս պարագային ամերիկեան քաղաքական միջավայրին մէջ գտած են ճիշդ ընկալելիութիւն»:

Ինչպէս յայտնի է, Արցախի պատուիրակութեան այցի հէնց առաջին օրը Պաքուն անմիջապէս բողոքի նոթա էր յղել Միացեալ Նահանգների արտաքին գործերի նախարարութեանը` կանչելով Ազրպէյճանում Միացեալ Նահանգների դեսպան Ռոպերթ Սեկութային: Բացի այդ, Միացեալ Նահանգներում Ազրպէյճանի դեսպանը հանդիպում է ունեցել արտաքին գործերի նախարարութիւնում, որտեղ ամերիկեան կողմին է յանձնել Պաքուի բողոքը, որում, ինչպէս որ նախորդ բոլոր համարժէք դէպքերում է նշւում, Արցախի նախագահի այցը ներկայացւում է որպէս   «… գործունէութիւն, որն ուղղուած է Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան դէմ, լուրջ հարուած է հասցնում բանակցային գործընթացին եւ ծառայում տարածաշրջանում լարուածութեան աճին»:

Յիշեցման կարգով նշենք, որ Պաքուն տարիներ առաջ, որոշակիօրէն` 2015թ. դեկտեմբերին գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ ու շեշտադրումներով բողոքի նոթա էր յանձնել միեւնոյն Ռոպերթ Սեկութային` կապուած Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ նախարարի ամերիկեան այցի հետ, բայց այդպէս էլ որեւէ արդիւնքի չի հասել, քանզի Արցախի պաշտօնական ներկայացուցիչները, ինչպէս վկայում է հանրապետութեան նախագահի այս վերջին` մարտեան ուղեւորութիւնը, շարունակում են այցելել Միացեալ Նահանգներ: Ընդ որում, այդ այցերը կատարւում են, անկասկած, ամերիկեան իշխանութիւնների իմացութեամբ, եւ քանի որ խոչընդոտներ չեն յարուցւում նրանց կողմից, հետեւապէս` հաւանութեամբ ու թոյլտուութեամբ:

Նոյն պատմութիւնը կրկնուել է նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութեան` ապրիլի 3-ին Ֆրանսայում մեկնարկած աշխատանքային այցի կապակցութեամբ: Այցի ընթացքում, որն իրականացուել է «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակում` ֆրանսական կողմի հրաւէրով, արցախեան պատուիրակութիւնը մի շարք ուշագրաւ հանդիպումներ է ունեցել Փարիզում, Մարսէյում, Լիոնում, Ֆրանսայի այլ քաղաքներում: Ստորագրուել է բարեկամութեան  հռչակագիր, այս անգամ` Արցախի Մարտունի եւ Ֆրանսայի Տրոմ նահանգի Պուր-տէ-Փէաժ քաղաքների միջեւ: Հռչակագրի նպատակն է երկու քաղաքների միջեւ վստահութեան ու փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած բարեկամական կապերի հաստատումը: Փաստաթղթում մասնաւորապէս նշւում է, որ Մարտունի եւ Պուր-տէ-Փէաժ քաղաքները պարտաւորւում են փոխգործակցութիւն ծաւալել մշակոյթի, կրթութեան, արուեստի բնագաւառներում` հիմնուած համերաշխութեան, արժանապատուութեան եւ մարդու նկատմամբ յարգանքի վրայ: Այսպիսով, Պուր-տէ-Փէաժը դարձաւ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքների հետ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատած ֆրանսական 10-րդ քաղաքը: Յիշեցման կարգով նշեմ նաեւ, որ Արցախի եւ Ֆրանսայի միջեւ ապակենտրոնացուած համագործակցութեան շրջանակներում դեռեւս 2014թ. բարեկամական յարաբերութիւններ են հաստատուել Պուրկ լէ Վալանս եւ Շուշի քաղաքների, իսկ  2015 թ.` Վալանս եւ Ստեփանակերտ քաղաքների միջեւ:

Պատուիրակութիւնը Փարիզում հանդիպում է ունեցել Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորների եւ ծերակոյտի անդամների, այդ թւում` Ֆրանսայի Ազգային ժողովի փոխնախագահի,  Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խմբի նախագահի,  ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խմբի նախագահի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի մի խումբ անդամների հետ: Ֆրանսայի հետ կապերի ընդլայնումն ու զարգացումը, ողջոյնի իր խօսքում, մասնաւորապէս նշել է Աշոտ Ղուլեանը,  հիմնաւոր տեղ ունի Արցախի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնների շարքում, իսկ ֆրանսացի խորհրդարանականների հետ տարբեր ձեւաչափերով հանդիպումները թէ՛ Ստեփանակերտում, թէ՛ Փարիզում հնարաւորութիւն են ոչ միայն երկուստեք հետաքրքրող հարցերի քննարկման, այլեւ օրէնսդրական ու խորհրդարանական փորձի փոխանակման տեսանկիւնից: Արցախի խորհրդարանի նախագահի գնահատմամբ. «Այս առումով մենք կարեւորում ու բարձր ենք գնահատում «Ֆրանսա-Արցախ» բարեկամութեան շրջանակի գործունէութիւնը, որը մեզ համար իւրօրինակ պատուհան է դէպի Ֆրանսա, իսկ Ֆրանսայի միջոցով` նաեւ դէպի Եւրոպա»:

Բնականաբար այս այցը եւս անուշադրութեան չմատնուեց Ազրպէյճանի կողմից` նոյնպէս յարուցելով պաշտօնական Պաքուի ջղագար արձագանգը: Սակայն, ի տարբերութիւն ամերիկեան պարագայի, Պաքուն բաւարարուեց ընդամէնն արտաքին գործերի նախարարութեան մամլոյ խօսնակի սպառնալիքով, այն է` բողոքի նոթա յղել Ֆրանսայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեանը: Այդքանը միայն: Ըստ երեւոյթին, բողոքի ամերիկեան նախադէպի ձախողումը որոշակի դաս էր հանդիսացել ազրպէյճանական դիւանագիտական գերատեսչութեան համար: Մնացածն արդէն սնամէջ յոխորտանք ու ճոռոմաբանութիւն է. այսպէս ասած, «վճռական բողոք»` այցի կապակցութեամբ, մեղադրանք ֆրանսական կողմին, որ նա ոչինչ չի ձեռնարկել այցը կանխելու համար, կոչ Ֆրանսային` «որպէս ՄԱԿ-ի մշտական անդամի, կատարելու իր յանձնառութիւնները` հետեւելով միջազգային կանոններին ու սկզբունքներին, կանխելով Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ ուղղուած նմանատիպ գործողութիւնները» եւ, վերջապէս, ահաբեկում առ այն, թէ «ազրպէյճանական կողմը Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններում այսուհետ հանդէս կը գայ փոխադարձութեան դիրքերից»:

Միով բանիւ, ինչպէս միանգամայն իրաւացիօրէն նշում է «Ազատ Արցախ» թերթի գլխաւոր խմբագիր, քաղաքական վերլուծաբան  Լէոնիտ Մարտիրոսեանը. «Այն  կայուն տպաւորութիւնն է ստեղծւում, թէ ժամանակն Ազրպէյճանի իշխանութիւնների համար կանգ է առել, ու նրանք մնացել են ինչ-որ տեղ անցեալ դարի սկզբներին»: Համամիտ լինելով իմ հին գործընկերոջ տուած այս գնահատանքին, այնուամենայնիւ, ես աւելի հեռուն կը տանէի նրա մատնանշած ժամանակագրական շեմը` այն հասցնելով ներկայիս ազրպէյճանցիների խաշնարած նախնեաց` դարեր առաջ Այսրկովկասի բարեբեր հողեր ներխուժած գարակոյունների եւ ագկոյունների քոչուորական  դեգերումների շրջան:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

 

Վտանգներով Յղի Մի Համագումարի Մասին

0
0

ՍԱՐԳԻՍ ՄԿՐՏՉԵԱՆ
Ընկերաբան

2018 թ. փետրուարի 28-ին Իրանի Արտեպիլ քաղաքի Մոհաղեղ Արտեպիլի անուան համալսարանում տեղի է ունեցել միջազգային համագումար` «Իսլամ. համերաշխութեան կոչ» ընդհանուր խորագրով եւ «Պայքար ծայրայեղականութեան եւ բռնութեան դէմ` Խոջալուի զանգուածային կոտորածների եւ ողբերգութեան վրայ շեշտադրումով» թեմայով:

Իրանական բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, ինչպէս` «Թասնիմ» (28 փետրուար 2018 թ.), պետական «Ռատիօ-հեռուստաընկերութեան լրատուական գործակալութիւն» (28 փետրուար 2018 թ.), «Առան նիւզ» (1 մարտ  2018 թ.) եւ այլն, հաղորդել են այդ մասին:

Համագումարը կազմակերպել են Արտեպիլ քաղաքի Մոհաղեղ Արտեպիլի անուան համալսարանը եւ Ատրպատականի մշակութային հետազօտութիւնների կենտրոնը:

Համագումարին մասնակցել են Ռուսաստանի Դաշնութեան, Վրաստանի, Թուրքիայի եւ Ազրպէյճանի հանրապետութիւնների գիտահետազօտական շրջանակներ եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնից Ղարաբաղի ազատագրութեան կազմակերպութեան անդամներ:

Համագումարի կենտրոնական քաղաքական-կրօնական դէմքը եղել է Արտեպիլ նահանգում Իրանի առաջնորդի ներկայացուցիչ եւ Արտեպիլ քաղաքի ուրբաթօրեայ աղօթապետ այաթոլլահ Հասան Ամելին:

«Առան նիւզը» հաղորդում է, որ Խոջալուի զանգուածային կոտորածների քսանվեցերորդ տարելիցի առիթով կազմակերպուած այս միջոցառման ժամանակ նշեալ համալսարանն ընդունուել է որպէս Ղարաբաղի ազատագրութեան կազմակերպութեան պատուոյ անդամ, իսկ համալսարանի դասախօս դոկտ. Ասատին դարձել է այդ կազմակերպութեան պաշտօնական անդամ:

Համալսարանի տնօրէն Կուտարզ Սատեղին իր ելոյթում ասել է. «Խոջալուի շրջանում 600 հոգուց աւելի անխղճօրէն կոտորուել եւ նահատակուել են, որոնց մէջ եղել են անմեղ կանայք ու երեխաներ, բայց Հայաստանն իր այս վայրագ գործողութիւնը հերքում է… Ղարաբաղի հարցում պէտք է պարզաբանումներ կատարուեն. Իրանը յատուկ կարեւորութիւն է տալիս մուսուլմանների իրաւունքների պաշտպանութեանը»:

Ղարաբաղի ազատագրութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Աքեֆ Նաղի Մոալեմը յայտարարել է. «Արտեպիլի ուրբաթօրեայ աղօթապետի հետ հանդիպում ենք ունեցել, որը տեւել է երեք ժամից աւելի, եւ լսել ենք աղօթապետի ցուցմունքները Ղարաբաղի հարցի լուծման վերաբերեալ»:

Հանդիպման ընթացքում այաթոլլահ Ամելին ընդունել է Ղարաբաղի ազատագրութեան կազմակերպութեան անդամների առաջարկը եւ դարձել նշեալ կազմակերպութեան պատուոյ անդամ: Ամելին յայտնել է. «Ես, իմ կրօնական պարտականութիւնը կատարելու նպատակով, պատուով ընդունում եմ այս կազմակերպութեանն իմ անդամակցութիւնը, որը անաղարտ ու արժանի կազմակերպութիւն է, եւ իմ պատրաստակամութիւնն եմ յայտնում աշխատել այս կազմակերպութեան սրբազան նպատակների իրագործման ուղղութեամբ»:

Ամելին փորձել է Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարը քաղաքականից փոխադրել կրօնական դաշտ. «Ղարաբաղը իսլամ աշխարհի մէկ մասնիկն է, եւ այն գրաւելը ոտնձգութիւն է բոլոր մուսուլմանների նկատմամբ: Այդ պատճառով էլ նրա գրաւումը մենք համարում ենք մեր խնդիրը… Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնում Ղարաբաղի ազատագրութեան համար լուրջ կամքի առկայութեան դէպքում, Իրանի մուսուլման երիտասարդներից շատերը պատրաստ են մասնակցել Ղարաբաղի ազատագրութեան պայքարին»:

Իրանի քաղաքական անցուդարձերին հետեւող անձանց համար, ի հարկէ, նորութիւն չեն Ամելիի արտառոց ելոյթներն ու արարքները, որոնք յաճախ զաւեշտի են վերածւում, սակայն այս անգամ նա անցել է սահմանը: Փաստօրէն Իրանի առաջնորդի ներկայացուցիչը արցախեան հարցին տալիս է կրօնական բնոյթ, որը չի համապատասխանում ոչ միայն իրականութեանը, այլեւ արցախեան հարցի կապակցութեամբ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան` ցարդ որդեգրած դիրքորոշմանը:

Աւելի՛ն. նա Իրանի եւ Հայաստանի ժողովուրդների միջեւ սերմանում է ատելութիւն`  յայտարարելով, որ իրանցի մուսուլման երիտասարդները պատրաստ են մասնակցել Ղարաբաղի ազատագրութեանը: Ամելիին յիշեցնենք, որ միլիոնաւոր իրանցի մուսուլման երիտասարդներ, ընդ որում` Արտեպիլ նահանգից, պատրաստ են Իրանի ղեկավարութեան լուրջ կամքի առկայութեան դէպքում վերջ դնել արհեստածին Ազրպէյճանի Հանրապետութեան գոյութեանը, որն սպառնալիք է Իրանի ազգային անվտանգութեանը:

Ի վերջոյ, Արտեպիլ նահանգում Իրանի առաջնորդի ներկայացուցիչը եւ Արտեպիլ քաղաքի ուրբաթօրեայ աղօթապետը դառնում է Ղարաբաղի ազատագրութեան կազմակերպութեան պատուոյ անդամ եւ պատրաստ է աշխատել այդ կազմակերպութեան «սրբազան» նպատակների իրականացման ուղղութեամբ:

Մնում է մի քանի հարց տալ.

Իրանի առաջնորդը տեղեա՞կ է իր ներկայացուցչի գործունէութիւնից եւ դա հաստատո՞ւմ է:

Իրանի նախագահը եւ, յատկապէս, անվտանգութեան պատասխանատուները համաձա՞յն են Իրանի եւ Հայաստանի ժողովուրդների միջեւ ատելութեան սերմանմանը:

Իրանի ղեկավարութիւնը համաձա՞յն է Արցախի հարցի եւ Խոջալուի դէպքերի վերաբերեալ Ամելիի տեսակէտներին եւ նշեալ համալսարանի տնօրինութեան արտայայտութիւններին: Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ժամանակի նախագահ Այազ Մութալիպովի վկայութեամբ ներքաղաքական պատճառներով ազրպէյճանցիներն իրենք են կազմակերպել ազրպէյճանցիների կոտորածները, որն այժմ յանիրաւի վերագրւում է հայերին:

Իրանի գիտութիւնների, հետազօտութիւնների եւ արհեստագիտութիւնների նախարարը տեղեա՞կ է, որ Արտեպիլ քաղաքի Մոհաղեղ Արտեպիլի անուան համալսարանն ու նրա տնօրինութիւնը կատարում են հակագիտական գործ` խեղաթիւրելով պատմութիւնն ու իրանցի նոր սերնդի մէջ տարածում ապատեղեկատուութիւն եւ ատելութիւն հայութեան նկատմամբ, իսկ եթէ տեղեակ է, ի՞նչ վերաբերմունք ունի այս ամէնի նկատմամբ:

 

Ընտրական Քրոնիկ. Իմ Քուէս` Հայութեան (Ա.)

0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ     

Պահ մը մէկդի դրած մեր սեփական կարծիքն ու մօտեցումը Լիբանան երկրի թէ ընդհանրապէս անոր քաղաքական կառուցուածքին, ներկային ու ապագային մասին, խորհրդարանական ընտրութիւններու այս փուլը, այլապէս պատեհութիւն կ՛ընծայէ մեզի անդրադառնալու կարգ մը երեւոյթներու, որոնք, այսպէս ասած, ուղղակիօրէն կ՛առնչուին լիբանանահայութեան:

Երեւոյթներ, որոնց խորքը մեր հաւաքական կեանքի տագնապներն ու հարցերն են, ազգային մեր մտահոգութիւնները առանձնապէս, որոնք տակաւ կը ծանրանան մեր ուսերուն եւ մեզ կը մղեն ըլլալու աւելի քան ձեռնհաս, ուղղամիտ, շրջահայեաց, նախաձեռնող, աչալուրջ եւ պայծառատես:

Ըսողներ կրնան ըլլալ, թէ արդեօք լիբանանահայը, որ հարիւր եւ աւելի տարիներէ ի վեր այս երկրին հաւատաւոր քաղաքացին եղած է, միթէ վերոնշեալ յատկութիւններուն առաջամարտիկը չէ՞, որ այսօր շեշտը կը դրուի անոնց վրայ:

Համոզումով կը յայտնենք, որ Լիբանանի մէջ ապրող հայը գերազանցած է ինքզինք իբրեւ տիպար, հաւատարիմ եւ արժանահաւատ քաղաքացի, եւ կառչած մնալով իր այս ըմբռնումներուն` գնահատանքի արժանացած է բոլորին կողմէ:

Սակայն ի՛նչն է հարցը, որ կը տագնապեցնէ մեզ ամէն առիթի, մասնաւորաբար խորհրդարանական ընտրութիւններու ատեն, երբ գիտակցելով հանդերձ մեր ներքին` ազգային մտահոգութիւններու տարողութիւնը, յանկարծ մոռացութեան կը տրուին անոնք, եւ մեր ակնկալութիւններուն կիզակէտը կը դառնայ հայու քուէն, որ իր դերն ու տեղը ունեցած է ինչպէս անցեալին, նաեւ` այսօր:

Իրօք, լիբանանահայութիւնը պահպանելով իր ինքնուրոյնութիւնը, իրողապէս պաշտպանած կ՛ըլլայ իր քաղաքացիական իրաւունքն ու քաղաքական դիմագիծը, այլ խօսքով` հայկականութիւնը, ազգային շունչն ու հեռանկարները:

Պիտի ըսուի, որ նոյնինքն լիբանանահայութիւնը ա՛լ ձանձրացած է վերեւ յիշուած եւ քլիշէ բուրող խօսքերէն, որովհետեւ յետպատերազմեան Լիբանանի պատկերը` քաղաքական, տնտեսական թէ ընկերային, զիրար հակասող դէպքերու հոլովոյթը, քաղաքական վերնախաւի ստապատիր վարքագիծն ու անհեռանկար գործելակերպերը, բաւարար ցուցանիշ են մարդս մղելու յուսահատութեան գիրկը եւ առանց երկմտանքի ընդունելու յոռետեսութիւնը:

Լիբանանի երկնակամարը կ՛երեւեփի խորհրդարանական ընտրութիւններու եռուզեռով: Պահ մը ամէն ինչ մէկդի շպրտած, շահամոլ քաղաքագէտն(ներ) ու խեղճացած քաղաքացին(ներ) լծուած են ընտրապայքարի, մէկ կողմէ ապահովել կարենալու սեփական վերընտրութիւնը (իր բոլոր ձեւերով), եւ միւս կողմէ` յագեցնել կարենալու համայնքայնութեան քանդիչ ու կոյր բնազդը:

Հակառակ նորաստեղծ ընտրական օրինագիծին, որով կարելի պիտի ըլլար ապահովել ցանկալի ներկայացուցչութիւն` Լիբանանի խորհրդարանին մէջ, տակաւին շատ հեռու ենք իրականացնելու երազի երկիրը` ապահով ու կայուն, բարգաւաճ ու յառաջադէմ, ուժեղ եւ խոստմնալից:

Ահաւասիկ, վաւերական իմաստն ու դերը լիբանանահայու քուէին, որ խորքին մէջ կը դիմագրաւէ ահաւոր դժուարութիւններ, ճնշումներ, կ՛ապրի ամենադժուար պահը եւ ենթակայ է բազում հոսանքներու եւ կողմնորոշիչ յորձանուտերու:

Այդուամենայնիւ, հաւատացողն ենք, որ լիբանանահայութեան բազկերակը տակաւին կը շնչէ հայօրէն, հակառակ լիբանանահայութեան կազմակերպ կեանքին հետ կապ չունեցող հսկայական բացթողումներու, տխուր երեւոյթներու, ապազգային վերաբերումներու, յամեցող խոստումներու, խեղճացած դէմքերու, պատասխանատուութիւններէ փախուստ տուողներու, ապիկար ու խենեշ գործելակերպերու եւ մասամբ նորին:

Այո՛, ինչպէս միշտ, նաեւ այս անգամ, իմ քուէս` լիբանանահայութեան ապագայի շահերուն համար է. վե՛րջ:

9-4-2018

 

Խմբագրական. Երկու Պատկերներու Սահմանադրական Հիմքը

0
0

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պետական եւ հասարակական հարթութիւնները տարբեր ուղղութիւններ դրսեւորելու ընթացքին մէջ են: Հասարակականէն աւելի հաւանաբար ուսանողական-երիտասարդական դիմագիծի շեշտը պէտք է ընդգծել այն առումով, որ վարչապետի թեկնածուի առաջադրումի գործող մեծամասնութեան որոշումին դէմ հիմնական բողոքողները այդ խաւի ներկայացուցիչներն են: Ուղղութիւնը հասարակական է այնքան, որ այդ խաւը բնականաբար հասարակութեան ամէնէն աշխուժ խաւն է:

Թէ՛ իրաւապահներու եւ թէ՛ ցուցարարներու մօտ կայ կարմիր գիծերը պահպանելու, չհատելու եւ երկկողմանի գործողութիւններուն խաղաղարար, քաղաքակիրթ բնոյթ տալու ձգտում:

Վարչապետի թեկնածութեան առաջադրումին դէմ բողոքող խաւը պէտք է ունենայ առիթը ազատօրէն ինքնադրսեւորուելու եւ իր կամքը կամ այս պարագային անհամաձայնութիւնը յայտնելու արձանագրուող գործընթացներուն նկատմամբ: Ի վերջոյ նորացուած սահմանադրութիւնը պետականութեան մաս նկատելով նաեւ ընդդիմութիւնը, անոր գործունէութեան եւ որոշումներու գործընթացներուն ազդեցիկութիւն ապահովելու յատուկ իրաւադրոյթներ ապահոված է, հակակշիռ քայլեր օրինականացնելու նպատակով: Եւ բնականաբար ընդդիմութիւնը միայն պետական հաստատութիւններու մէջ չէ, այլ նաեւ հասարակական հնչեղութիւն ապահովելու համար օրէնքի կարգով սահմանուած գործողութիւններ կազմակերպելու իրաւունքներ վաստակած է:

Այն ինչ որ կը պատահի այս օրերուն Երեւանի փողոցներուն մէջ ուրեմն, եթէ չի հատեր կարմիր գիծի սահմանները, եթէ կը մնայ օրինականութեան սահմաններուն մէջ, եթէ քաղաքացիական անհնազանդութեան չվերածուելով տեղի չի տար խուլիկանական արարքներու, ապա նոյնինքն նորացուած սահմանադրութեամբ եւ անոր լոյսին ներքոյ գործող օրէնքներով հաստատուած ընթացք է եւ ուրեմն` ընդունելի:

Նման պատկերներու, նման տեսարաններու կարելի է հանդիպիլ եւրոպական սահմանադրական արժեհամակարգերով կառավարուող երկիրներու մէջ, ուր կան, կը գործեն մարդու իրաւունքներ, ազատ կարծիքի արտայայտութիւն եւ բողոքի գործողութիւններ կազմակերպելու կարելիութիւններ` օրէնքի սահմաններուն մէջ:

Միեւնոյն սահմանադրութիւնը եւս ճշդած է այս պարագային վարչապետի թեկնածուի առաջադրման եւ ընտրութեան կարգ: Այդ իրաւունքը, ժողովրդավարական իսկ հիմունքով կը պատկանի գործող մեծամասնութեան, որ նախ իր կուսակցութեամբ կը յանգի թեկնածուի առաջադրման որոշումին, ապա զայն կ՛առաջադրէ խորհրդարանին մէջ: Եւ նոյնքան իրաւաչափ է, որ այդ թեկնածուն ըլլայ մեծամասնութիւն ունեցող կուսակցութեան նախագահը:

Այս պատկերներուն ալ ականատես կ՛ըլլանք յատկապէս խորհրդարանական համակարգերով կառավարուող երկիրներու պարագային, երբ մեծամասնական կուսակցութեան նախագահը կ՛առաջադրուի վարչապետի պաշտօնին, այնքան ատեն որ խորհրդարանական ընտրութիւններու իբրեւ արդիւնք տուեալ կուսակցութիւնը հաւաքած է քուէարկողներու կայուն մեծամասնութիւնը:

Երկու պատկերներն ալ ուրեմն սահմանադրական հիմքեր ունին եւ կարելի է նոյնիսկ ըսել, որ համահունչ են նորացուած սահմանադրութեան ոգիին:

Եւ եթէ իրողապէս համաժամանակ թէ՛ իրաւապահ մարմինները եւ թէ՛ ցուցարարները երկկողմանիօրէն դրսեւորեն ժողովրդավարական եւ սահմանադրական բարձր գիտակցութիւն մէկ կողմէ քաղաքական գործընթացները իրաւական փուլերէն անցընելու, միւս կողմէ օրէնքի սահմաններուն մէջ բողոքի գործողութիւններ կազմակերպելու, ազատօրէն կամք դրսեւորելու եւ այդ բոլորին հասարակական հնչեղութիւն ապահովելու, ապա կարելի է ըսել, որ մեր երկիրը նորացուած սահմանադրութեան եւ խորհրդարանական համակարգի անցումով յաւելեալ ժողովրդավարացման ուղին բռնած է:

Իսկ այստեղ արդէն երկրորդական նշանակութիւն կ՛ունենայ այն, որ երէկուան գործող նախագահի պաշտօնավարման եղանակը կը շարունակուի վարչապետի պաշտօնով եւ որ յամենայն դէպս միեւնոյն լիազօրութիւնները չունի, եւ դարձեալ նորացուած սահմանադրութեամբ  յաւելեալ հաշուետուութեան ընթացակարգերով պէտք է ներկայանայ խորհրդարանական համակարգին:


Անդրադարձ. 1918-ի Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Օրերը –Զ.

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Անկախ Հայաստանի խորհուրդին անդրանիկ նիստը (1):

Վրացեան կը շարունակէ. «Օգոստոս 1-ին (1918) Երեւանի քաղաքային ակումբի դահլիճին (2) մէջ Հայաստանի խորհուրդին անդրանիկ նիստը հանդիսաւոր շուքով բացուեցաւ: Քաղաքը տօնական կերպարանք ստացած էր: Փողոցները խռնուած էին բազմութիւններով: Ակումբին առջեւ զօրքը երկու շարքով շարուած էր:

«Ակումբին սրահը Խորհուրդի նիստերուն յարմարեցուած էր: Մէջտեղը գրաւած էին պատգամաւորները. բեմին վրայ` նախագահութիւնը: Ներկայ էր կառավարութիւնը ամբողջ կազմով:

Քաղաքային ակումբ մը` Աֆրիկեաններուն պատկանող Տէրեան 11, այժմ ճակատի պատերը քակուած` այլ տեղ նոր շինութեան մը ճակատին ներմուծելու համար (2):

Աւետիք Սահակեան առաջին խորհուրդի նախագահ

«Ձախ օթեակին մէջ կը գտնուէին` Գերմանիոյ, Աւստրօ-Հունգարիոյ, Թուրքիոյ ներկայացուցիչները, Պարսկաստանի հիւպատոսը եւ ռուս ու մահմետական ազգային խորհուրդներու ներկայացուցիչները:

«Աջ օթեակին մէջ նստած էին` բանակի հրամանատար Թովմաս Նազարբէկեանը, զօրավար Մովսէս Սիլիկեանը եւ այլ զինուորականներ: Մամուլի ներկայացուցիչներուն յատուկ տեղ յատկացուած էր: Դահլիճին ետեւի մասը եւ վերնայարկը բերնէ բերան հասարակութեամբ լեցուած էր:

«Հայաստանի խորհուրդին պատգամաւորները դասաւորուած էին նախօրօք սահմանուած կարգով. աջ կողմը նստած էին Հայ ժողովրդական կուսակցութեան (վեց), մահմետականներու (վեց), եզիտիներու (մէկ) եւ ռուսերու (մէկ) պատգամաւորները: Կեդրոնը եւ ձախ կողմի մէկ մասը` դաշնակցականները (թիւով 18), իսկ ձախ կողմը` Սոցիալ-դեմոկրատները (վեց) եւ Սոցիալ-յեղափոխականները (վեց) պատգամաւոր:

Ձախին` ՀՀ խորհրդարանի շէնքը, այժմ ՀՅԴ կեդրոն. աջին, կառավարութեան շէնքը, այժմ ճաշարան. Հանրապետութիւն փողոց, համար 30 եւ 37, 1918-ին:

«Հայաստանի անդրանիկ օրէնսդրական մարմինին առաջին նիստը բանալու պատիւը վիճակուեցաւ Հայ ազգային խորհուրդի նախագահ Աւետիք Սահակեանին: Խորին լռութեան մէջ բեմ ելաւ եւ բացման ճառը արտասանեց, որ տեղն ու տեղը ռուսերէնի եւ թրքերէնի թարգմանուեցաւ:

«Քաղաքացինե՛ր, պատգամաւորներ Հայաստանի խորհուրդի:

Գերագոյն Հայոց ազգային խորհուրդին կողմէ պատիւ ունիմ այսօր բացուած յայտարարել Հայաստանի խորհուրդին անդրանիկ նիստը եւ յայտարարել, որ այսուհետեւ ա՛յս է միակ լիազօր մարմինը` Հայաստանի Հանրապետութեան պետական իշխանութիւնը իր մէջ ամփոփող:

Այս օրը մեզի համար կը դառնայ պատմական եւ նոր լուսաւոր դարաշրջան մը  կը բանայ մեր երիտասարդ պետութեան կեանքին, ինքնուրոյն քաղաքական եւ տնտեսական զարգացումին:

Այս օրը կը մնայ միշտ յիշատակելի եւ ա՛յն պատճառով, որ առաջին անգամ իրականացած կը տեսնենք մեր նեղ հորիզոններու սահմանին մէջ, գեղեցիկ երազանքն ու ինքնորոշման նուիրական տենչը, թէեւ` անհնարին դժուարին պայմաններու մէջ:

Էջմիածին համալիրը` Վաղարշապատը, պարիսպով եզերուած, արեւելեան դարպասը 1918-ին` պարիսպը վերանորոգուած էր 1768-ին, վերացուած է 1960-ական տարիներուն:

Ենթադրելով, որ մեր երկրի անկախութեան հարցին ձեզմէ շատերը լաւատեղեակ չեն, յոյժ կարեւոր կը գտնեմ այս բարձր ժողովին ներկայացնել այն փուլերը, որոնցմով անցած է Անդրկովկասի անկախ պետութիւններու գաղափարը` սկիզբէն մինչեւ վերջին ձեւակերպումը:

Մեր հանրապետութիւնը, ինչպէս եւ միւսները, հանդէս եկան իբրեւ անկախ պետութիւններ ա՛յն օրէն, երբ Անդրկովկասեան սէյմը մայիս 26-ին (1918) ինքզինք կազմալուծուած յայտարարեց. վրաց սոցիալ-դեմոկրատ ֆրակցիայի (կուսակցական խմբաւորում) նախաձեռնութեամբ եւ առաջարկութեամբ, նոյն օրն իսկ Վրաստանը անկախութիւն յայտարարեց:

Անդրկովկասի ամբողջութիւնը փլելէն ետք մեր երկիրը լքուած էր իր բախտին, ուստի Հայոց ազգային խորհուրդը շտապեց իր վրան վերցնել կառավարութեան բոլոր պաշտօնները:

Ճիշդ այդ պահուն էր, որ բոլորին յայտնի` օսմանեան կառավարութեան վերջնագիրը ստացանք, նոր հողային գրաւումներու մասին, որ 48 ժամուան ընթացքին պատասխան կը պահանջէր: Գերագոյն խորհուրդին կողմէ անմիջապէս առանձին պատուիրակութիւն մը ուղարկուեցաւ Պաթում` յանձինս Յովհաննէս Քաջազնունիի, Միքայել Պապաջանեանի եւ Ալեքսանդր Խատիսեանի` անոնց տալով արտակարգ լիազօրութիւններ տաճիկ պատուիրակութեան հետ բանակցութիւններ վարելու:

Մեր պատուիրակութիւնը յաջողեցաւ որոշ ուղղումներ մտցնել սահմաններուն մէջ, բայց եւ այնպէս ստիպուած էր վերջնագիրը ընդունիլ եւ խաղաղութեան դաշինք կնքել (Մեհմետ) Վեհիպ փաշային եւ Խալիլ պէյին (3) (Մենթեշէ) հետ: Այստեղ առաջին անգամ Հայոց ազգային խորհուրդի պատգամաւորները պաշտօնապէս ճանչցուեցան իբրեւ անկախ Հայաստանի ներկայացուցիչներ եւ ստորագրեցին յունիս 4-ի (Պաթումի) դաշինքը (թէեւ բոլոր պատկան պետութիւններուն կառավարութիւնները եւ կամ խորհրդարանները  չվաւերացուցին զայն, ՅՉ):

Մեզմէ խլուած Արարատ լեռը

Մեր պետութեան անկախութիւնը յայտնի է նոյնպէս Տաճկաստանի (Թուրքիոյ) դաշնակից պետութիւններուն` Գերմանիոյ, Աւստրիոյ եւ Պուլկարիոյ: (Այժմ) Պոլիս կը գտնուի մեր երկրորդ պատուիրակութիւնը` Ա. (Աւետիս) Ահարոնեան, Ա. (Ալեքսանդր) Խատիսեան եւ Մ. (Միքայէլ) Պապաջանեան, որոնք Օսմանեան կայսրութեան հրաւէրով ուղեւորուեցան` բանակցութիւններ վարելու Տաճկաստանի եւ անոր դաշնակիցներուն հետ:

Այսպիսով, բազմակողմանի կերպով քննելով մէկ կողմէ երկրին ուժերը եւ այն հանգամանքները, որոնց մէջ կը գտնուի հայ ժողովուրդը, եւ միւս կողմէ` քաղաքական եւ տնտեսական ստեղծուած դրութիւնը, Հայոց ազգային խորհուրդը սեղմեց իր սիրտը եւ անողոք գիտակցութեամբ որոշեց վերջնականապէս ընդունիլ վերջնագիրը եւ ճանչցնել Հայաստանի անկախութիւնը` ինքզինք յանձնելով պատմութեան անաչառ դատաստանին:

Այո՛, մեր հանրապետութիւնը փոքր է ու նեղ` իր սահմաններով, ան զրկուած է իր ամենագնահատելի երկրամասերէն ու չի կրնար իր մէջ տեղաւորել ամբողջ ազգաբնակչութիւնը եւ կարծես թէ պայմաններ չունի անկախ գոյութեան համար: Բայց կը կարծեմ, որ երկրին սահմանները միշտ քարացած չեն կրնար մնալ. կը հաւատամ, որ մեր երկրին սահմանները կ՛ընդարձակուին կեանքի երկաթէ ուժով, գրաւուած հողամասերու վերաբերեալ մեր արդար եւ անվիճելի իրաւունքներուն պաշտպանութեամբ եւ նոր բարեկամական դաշինքով` Տաճկաստանի եւ անոր դաշնակից պետութիւններուն հետ, որոնց ներկայացուցիչները այստեղ ներկայ են: Մենք ընտրած ենք համաձայնութեան եւ խաղաղութեան ուղին, եւ կ՛ուզեմ յուսալ, որ չենք սխալիր:

Մեզմէ խլուած Անին եւ Կարս ու Սուրմալու նահանգները

Մինչ այդ սրբութեամբ եւ անշեղ կերպով մենք կը կատարենք այն պարտականութիւնները, որոնք կը բխին խաղաղութեան դաշինքէն: Թողե՛նք ապագայ հեռանկարները, յամենայն դէպս, այսօր, այստեղ, առանց տատանումներու եւ լիակատար վստահութեամբ, մենք մեր պետական նաւուն խարիսխը կը նետենք եւ պետական շէնքին հիմը կը դնենք` ձգտելով միշտ կատարելագործել զայն ի բարօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր ազգութիւններուն` իբրեւ զաւակներուն մէկ հարազատ մայր հայրենիքի»:

«Սահակեանի ճառը խոր յուզումով ընկալուեցաւ: Պատգամաւորներն ու հասարակութիւնը յաճախ բուռն ծափահարութիւններով զայն կ՛ընդհատէին:

«Երբ խօսքը աւարտելէն ետք Սահակեանը «Կը յայտարարեմ Հայաստանի խորհուրդին նիստը բացուած» արտասանեց, դուրսը, խորհրդարանի շէնքին բարձրացաւ հանրապետութեան եռագոյն դրօշակը եւ հազարաւոր բերաններ որոտացին` «Կեցցէ՛». ծափահարութիւնները օդը թնդացուցին: Հնչեց «Մեր հայրենիք»-ը: Զօրքը պատուի կեցաւ:

Հայաստանի խորհուրդի անդամներուն ցանկը (4) յայտարարելէն ետք, սոցիալ-դեմոկրատ պատգամաւորներուն ձեռնպահութեամբ, նախագահ ընտրուեցաւ Աւետիք Սահակեանը (ՀՅԴ), փոխնախագահներ` Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանը (Հ. ժողովրդական կուսակցութիւն) եւ Դ. (Դաւիթ) Զուրեանը (սոցիալ-յեղափոխական): Քարտուղար` Պ. (Պետրոս) Զաքարեանը (անկախ), երկրորդ քարտուղար` Ե. (Եփրեմ) Սարգսեանը (ՀՅԴ):

Խորհուրդի նիստէն ետք, զօրավար Նազարբէկեանի գլխաւորութեամբ, զօրահանդէս տեղի ունեցաւ, որուն ներկայ էին օտար ներկայացուցիչները, Խորհուրդի եւ կառավարութեան անդամները եւ խուռն բազմութիւն: Զօրքերը երաժշտութեամբ ու կանոնաւոր շարքերով անցան հանդիսատեսներուն առջեւէն եւ բարձրացան Աստաֆեան (Աբովեան) պողոտայով, հասարակութեան աննկարագրելի ցնծութեան ու ծափերուն մէջէն:

22 մարտ 2018
(Շար. 6)

—————————–

(1).- «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», «Առաջին Քայլեր» գլուխ, էջ 181-190:

(2).-  Դժբախտաբար կարելի չեղաւ այս ակումբին ստոյգ վայրը կամ լուսանկարը ապահովել: Աֆրիկեան եղբայրներուն Տէրեան 11-ի այժմ «քակուած» շէնքը ծառայած է իբրեւ քաղաքային ակումբ` պատկանած է Առաքել Աֆրիկեանին, տես` https://hy.wikipedia.org/wiki/Աֆրիկեանների-ակումբ#Պատկերասրահ: Ոմանք Ամիրեան փողոցի երբեմնի Նայիրի` շարժապատկերի սրահը նշած են, որ սակայն այն կառուցուած է 1920-ին: Այլ աղբիւր մը կ՛ըսէ, թէ` այժմ անգոյ, այն Աբովեան փողոցին վրայ կը գտնուէր, որ շատ հաւանական է:

(3).- Կարգ մը աղբիւրներու պարագային` շփոթ կը նկատուի Խալիլ փաշա Քոլթին հետ, քանի որ ընդհանրապէս գրութիւններուն մէջ լրիւ անուններ կը բացակային:

(4).-  (https://hy.wikipedia.org/wiki/Հայաստանի-Առաջին-Հանրապետութեան-Խորհրդարանի-1-ին-գումարման-պատգամաւորների-ցանկ)

Քաղաքացիական Անհնազանդութեան Բարոյական Իրաւունքը

0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Մեր երեք շրջանային պաշտօնաթերթերու` «Ասպարէզ»-ի, «Ազդակ»-ի եւ «Հայրենիք»-ի սիւնակներուն մէջ լոյս տեսած իմ վերջին յօդուածիս մէջ կ՛ընէի հետեւեալ մատնանշումը.

«… Նոյնքան շահեկան է այն փաստը, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու այս շարժումը ոչ մէկ դժգոհութիւն յառաջացուց երկրի օլիկարխներու եւ մենաշնորհի տէրերու շրջանակին մէջ… Քաղաքական բեմը չալեկոծուեցաւ երբեք: Չկար որեւէ խլրտում, որեւէ մէկ հրապարակային լուրջ առարկութիւն: Ինչո՞ւ: Միթէ այդ մարդիկ չէի՞ն հասկնար, թէ ի՛նչ կը կատարուէր իրենց շուրջ: Միայն մե՞նք էինք երկրի զգօն քաղաքացիները… Բնականաբար` Ո՛Չ:

«Անոնք հաստատ համոզուած էին, որ սահմանադրական այս փոփոխութիւններով յարացոյցի փոփոխութիւն տեղի պիտի չունենար, իսկ մենք իրաւամբ դրօշ պարզած էինք յարացոյցի (եւ անշուշտ` տիրող համակարգի)` փոփոխութեան դատը մերը ընելով եւ զայն դնելով մեր ազգային օրակարգին վրայ»:

Այսօր ժողովուրդի մէկ ամբողջ զանգուած մայրաքաղաքի փողոցներէն դիմած է քաղաքացիական անհնազանդութեան` պահանջելով ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի վարչապետական թեկնածութեան չեղարկումը: Ցուցական այս ծաւալուն շարժման ղեկավարն է Նիկոլ Փաշինեան` Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութենէն:

Նկատի ունենալով, որ այս հեռակայ դիրքերէն մեր հարցադրութիւնը կրնայ միայն հիմնուիլ մամլոյ լսատեսողական զեկոյցներուն վրայ, որոնք երբեք բաւարար չեն գիտակ եւ առարկայական քննարկումներու համար, առայժմ կ՛ուզեմ բաւարարուիլ հետեւեալ նշումներով միայն.

(ա) Զանգուածային այս շարժման բարոյական իրաւունքն է դիմել քաղաքացիական անհնազանդութեան, այնքան ատեն, որ ան հեռու կը մնայ բռնարարքներէ, հանրային գոյքի դէմ վնասարարութենէ եւ յատկապէս` արիւնահեղութենէ:

(բ) Տեսանիւթերու բովանդակութենէն դատելով` պէտք է գոհունակութեամբ արձանագրել այն փաստը, որ մայրաքաղաքի ոստիկանութիւնը ցարդ կը գործէ մեծ համբերութեամբ եւ կը խուսափի յախուռն առճակատումներէ: Պէտք է յուսալ, որ այս կարգապահութիւնը պահպանուի հետեւողականօրէն եւ մինչեւ վերջ:

(գ) Միաժամանակ պէտք է միշտ ի մտի ունենալ, որ նմանօրինակ ցոյցերու բովին մէջ կը գործեն անհարազատ եւ կասկածելի ուժեր, եւ մեծ է վտանգը, որ այդպիսի դաւադրական եւ դրդիչ ուժերու մեքենայութեամբ քաղաքացիական անհնազանդութիւնը արագօրէն վատասերի եւ առաջնորդէ արիւնահեղութեան:

(դ) Հետեւաբար ասիկա այն ճգնաժամային պահն է, երբ հանդէս պիտի գայ կողմերու քաղաքական հասունութիւնը, որ խարիսխն իսկ է որեւէ պետականութեան: Նախ` Սերժ Սարգսեան եւ իր կուսակցութիւնը կը դիմագրաւեն իրենց քաղաքական կեանքի մեծագոյն փորձաքննութիւնը: Իրենց ուսերուն վրայ դրուած է պարտականութիւնը` քաղաքացիական անհնազանդութեամբ ոտքի ելած այս ժողովուրդը ի տուն վերադարձնելու ժողովուրդի ազատ կամքով եւ առանց բռնութեան:

(ե) Փաստը այն է, որ մայրաքաղաքի ժողովուրդին մէկ մեծ շերտը ինքզինք խաբուած կը զգայ: Սահմանադրական փոփոխութիւններու գործընթացը յանգած է նոյն տեղքայլին: Յարացոյցի այն մեծ տեղաշարժը, որ կ՛ակնկալուէր նոր սահմանադրութենէն, կասեցուած կը թուի ըլլալ իր բոյնին իսկ մէջ: Այն հասարակական բողոքը, որուն ականատեսն ենք այսօր, իր տարերոյթին մէջ, կը թուի տրամաբանական հետեւանքը ըլլալ այն բանին, որ երկրի օլիկարխիան բողոքելու պատճառ չգտաւ օրին նոր սահմանադրութեան դրոյթներուն դէմ: Ի վերջոյ, սահմանադրութիւն մը քաղաքական համաձայնութիւն մըն է երկու կամ աւելի չհամաձայնողներու միջեւ: Կարելի չէ պատկերացնել, որ երկրի օլիկարխիան լիովին գոհ ըլլայ այս փաստաթուղթով, իսկ ժողովուրդի ամբողջ զանգուած մը` լիովին դժգոհ: Եթէ այս է իրականութիւնը, սահմանադրութիւն գոյութիւն չունի: Եթէ այս է իրականութիւնը, նոր սահմանադրութեան համախոհական ենթակառոյցը թերի է, եւ օլիկարխիան անկեղծ չէ գտնուած հասարակութեան հանդէպ: Կարելի չէ ընդունիլ, որ օլիկարխիան գործէ ամէն ինչ ստանալու եւ ոչինչ զիջելու մեղաւոր դիրքերէ:

(զ) Այս բոլորէն կը հետեւի, որ քաղաքացիական այս պոռթկումը մենք պարտաւորուած ենք վերածելու քաղաքական շինիչ մեքանիզմի մը` սահմանադրութեան էական այս բացը համարձակ քայլերով եւ երկուստեք արագօրէն գոցելու: Ասիկա նոր սահմանադրութեան վաւերականացման պատմական պահն է, եւ քաղաքական բեմը իր բոլոր շերտերով պիտի լծուի այդ մեծ գործին: Ինչպէ՞ս:

Թող այդ հարցումը անկեղծօրէն հարցուի եւ մեր ազգային հանճարը անպայման կը գտնէ այդ հարցումին պատասխանը:

16 ապրիլ 2018
Ուաշինկթըն

Ընտրական Քրոնիկ. Դուք Լիբանանի Հայութեան Ի՞նչ Ըրած Էք…

0
0

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն սեմին, դուք չէք կրնար Լիբանանի հայերուն «համոզել» եւ երբեմն ալ կաշառքներով փորձել խաբել, որ դուք անոնց փրկարարն էք եւ հաւաքականութիւնը խաւարէն լոյս պիտի առաջնորդէք: Մեծ-մեծ կարգախօսներով եւ խոստումներով, գեղեցիկ ժպիտներով, անուշիկ փողկապներով եւ լուսաւոր ու արդիական բեմերով չէք կրնար քուէ հաւաքել:

Ինչպէ՞ս դուք ձեզի արտօնութիւն կու տաք քննելու համայնքին մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող կուսակցութեան ընթացքը եւ թելադրանքներ տալու, որ հասարակութիւնը դիմէ կուսակցութեան ղեկավարութեան փոփոխութեան: Այս ալ խօսքի ազատութի՞ւն կը նկատէք:

Դուք Դաշնակցութեան անունը արտասանելէ առաջ երբեւիցէ մտածա՞ծ էք, որ այս կուսակցութիւնը ի՞նչ ըրած է հայութեան: Գիտէ՞ք, որ նահատակներ տուած է` շրջանի հայութեան գոյութիւնը պահպանելու համար: Լուր ունի՞ք, որ այս կուսակցութիւնը լիբանանահայ համայնք հաստատելու եւ համայնքին իրաւունքները պաշտպանելու մէջ մեծագոյն դերակատարութիւնը ունեցած է: Դուք տեղեա՞կ էք, որ Դաշնակցութիւնը գաղութի ամէնէն կազմակերպուած եւ ճիւղաւորուած կուսակցութիւնն է, որ իր պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական միաւորներով, ինչպէս նաեւ ընկերային, առողջապահական, մշակութային եւ մարզական կառոյցներով մնայուն ներկայութիւն է ու ունի իր մեծագոյն ներդրումը: Գիտէ՞ք, որ այս կուսակցութիւնը համահայկական օրակարգով յառաջատար դերակատարութիւն ունեցած է` համախմբելու գաղութային ուժականութիւնը, ի սպաս հայրենիքին եւ դատին:

Լաւ կ՛ըլլայ, որ մտածէք եւ ապա ձեր միտքերը արտայայտէք, իսկ եթէ կ՛ուզէք քողարկել իրականութիւնները, ապա այս պարագային դուք ձեզ միայն կրնաք խաբել, որովհետեւ հաւաքականութիւնը լաւապէս գիտէ, որ Դաշնակցութիւնը իր կառոյցներով ամէնօրեայ դրութեամբ ինչպիսի՛ ծառայութիւններ կը մատուցէ` առանց փոխադարձ ակնկալութիւններու: Եթէ դուք ալ համայնքին մէջ ներկայութիւն ըլլայիք, ապա լաւապէս կը գիտնայիք իրողութիւնը: Իսկ եթէ դուրսէն լսած էք, բայց կ՛անտեսէք, այս պարագային երեւոյթը առաւել եւս մտահոգիչ է:

Տակաւի՛ն. Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ ատեն բռնութեամբ եւ ստիպողաբար քուէարկողները ընտրութեան առաջնորդած է եւ վաղն ալ պիտի չառաջնորդէ: Այս մէկը հազարաւոր փաստեր ունի, եւ այս գծով ձեր քուէ «որսալու» հեռաձայններուն պատասխանները բաւարար փաստեր են:

Դուք եթէ կ՛ուզէք քանի մը քուէ աւելի հաւաքել, ապա Դաշնակցութեան մասին քիչ խօսեցէք® Հաւատացէ՛ք, որ այնքան ատեն որ կը փորձէք Դաշնակցութիւնը քարկոծել, այնքան աւելի ժողովուրդը Դաշնակցութեան շուրջ ամուր եւ հաստատուն կը համախմբուի:

Դուք կարգախօսներով չէք կրնար Լիբանանի հայութեան վստահութիւնը ապահովել: Բոլորս ալ այսօր իրաւունք ունինք հարց տալու, թէ դուք ի՞նչ ըրած էք Լիբանանի հայութեան, որ կը խօսիք համայնքին մասին եւ երբեմն ալ նոյնիսկ խրատներ կու տաք: Դուք ըսէք, թէ գաղութի զարգացման աշխատանքներուն վրայ քանի քար աւելցուցած էք…

Այլապէս, վստահ եղէք, որ չէք շիներ, այլ` միայն օտարներուն շէնքերուն վրայ յարկ մը եւս կ՛աւելցնէք…

 

 

Թուրքիա Ինչո՞ւ Ընդունած Է Յորդանանի` Ազատ Առեւտուրի Համաձայնագիրը Վերանայելու Պահանջը

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Մինչեւ Թուրքիոյ եւ Միջին Արեւելքի շարք մը երկիրներու, նաեւ Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցած վերջին ցնցումները` Սուրիա եւ Յորդանան Թուրքիոյ հետ կնքած էին ազատ առեւտուրի եւ առանց մուտքի արտօնագիրի այցելութիւններու մասին համաձայնագիր մը` յոյս ունենալով օգուտ քաղել անոր զարգացող տնտեսութենէն:

Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները արագօրէն վատթարացան 2011-էն սկսեալ, երբ Թուրքիա աջակցեցաւ իսլամական ժիհատականներուն` ոտնահարելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը: Տարեսկիզբին քայլ մըն ալ առջեւ երթալով, Թուրքիա յանդգնեցաւ ներխուժել հիւսիսային Սուրիա` գրաւելով Աֆրին քաղաքը եւ յայտարարելով ներխուժումը ընդլայնելու իր մտադրութեան մասին:

Հետեւաբար Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ փոխադարձ առեւտրական համաձայնագիրը եւ մուտքի արտօնագրային դրութիւնը չեղեալ յայտարարուեցան:

Վերջերս Յորդանան կասեցուց առեւտրական իր սեփական համաձայնագիրը Թուրքիոյ հետ` զայն բազմիցս նախազգուշացնելէ ետք այն մասին, որ այդ համաձայնագիրը միակողմանի էր, եւ Թուրքիա անկէ առաւել շատ օգուտ կը քաղէր, քան` Յորդանան: 2016-ին թրքական արտածումը դէպի  Յորդանան կազմեց 710 միլիոն տոլար, իսկ Յորդանանինը` դէպի Թուրքիա, միայն 102 միլիոն տոլար:

Յորդանան խոստացած է վերականգնել համաձայնագիրը, եթէ Թուրքիա համաձայնի կատարել որոշ փոփոխութիւններ, որոնց շարքին` «թրքական կողմի համաձայնութիւնը ի նպաստ իրականացման պաշտպանական այն ձեռնարկներուն, որոնք կը մշակուին Յորդանանի կողմէ տեղական արդիւնաբերութեան պաշտպանութեան, այլ նաեւ թրքական արհեստագիտական օժանդակութեան չափի բարձրացման` Յորդանանի ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին համաձայն, եւ Թուրքիոյ կողմէ կիրարկուող` ծագման երկիրի «խիստ» կանոններու վերանայումէն ետք», կը  տեղեկացնէ «Տը Ճորտըն Թայմզ»:

Զարմանալիօրէն Թուրքիա համաձայնած է վերանայելու 2011-ին ստորագրուած ազատ առեւտուրի համաձայնագիրը: Ասիկա պարզապէս շեղում մըն էր Թուրքիոյ` սովորաբար յարձակողապաշտ մարտավարութենէն` թէ՛ բարեկամներուն, թէ՛ հակառակորդներուն սպառնալով եւ ստիպելով ենթարկուիլ իր ցանկութիւններուն:

Յորդանանի կառավարութիւնը արժանի է գովասանքի` իր շահերուն պաշտպանութեան ի նպաստ ցուցաբերած կոշտ դիրքորոշման համար, հակառակ այն հանգամանքին, որ վերջին ամիսներուն շարք մը զարգացումներու շնորհիւ ամրապնդուած էին Թուրքիոյ եւ Յորդանանի միջեւ յարաբերութիւնները: Երկու երկիրները խստօրէն քննադատած էին նախագահ Թրամփի որոշումը` Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելուն վերաբերեալ: 21 փետրուարին երկու երկիրները նաեւ ստորագրած էին ռազմական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր: Բացի այդ, Թուրքիա համաձայնած էր «մաքսատուրքերէ ազատել յորդանանեան 500 ապրանքներ»` ըստ «Ալ-Մոնիթոր» լրատուական կայքին:

Փրոֆ. Փինար Թրեմպլէյ «Ալ-Մոնիթոր»-ի իր յօդուածին մէջ վերլուծած է այն չորս գործօնները, որոնք կրնան ազդել թուրք-յորդանանեան առեւտրական համաձայնագիրի վերանայման վրայ:

Առաջին խոչընդոտը Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Եգիպտոսի դժգոհութիւնն է Թուրքիայէն` իրենց թշնամի Քաթարին աջակցելուն համար:

Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանը աւելի հեռու երթալով` Թուրքիան անուանեց «Չարի եռանկիւն»-ի անդամ` իսլամական զինեալներու եւ Իրանի հետ միասին® Սէուտական Արաբիոյ, ԱՄԷ-ի եւ Եգիպտոսի հակաթրքական դիրքորոշումը ճնշում կը գործադրէ Յորդանանի վրայ` աւելի զգուշաւոր ըլլալու Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ: Պատճառը, որով Թուրքիա կը փորձէ բաւարարել Յորդանանի պահանջը, այն է, որ Թուրքիա կը փափաքի դուրս գալ արաբական սիւննի երկիրներու մեկուսացումէն:

Երկրորդ խոչընդոտը սիւննի առաջնորդներու թշնամանքն է Իրանի հանդէպ: Այս թշնամութիւնը յառաջացուցած է Սէուտական Արաբիոյ, ԱՄԷ-ի եւ Եգիպտոսի զայրոյթը Թուրքիոյ նկատմամբ` Իրանի հետ իր յարաբերութիւններուն պատճառով: Թուրքիա կը փորձէ խթանել իր յարաբերութիւնները Յորդանանի հետ, որովհետեւ արաբական աշխարհի մէջ կարիքը ունի դաշնակիցներու:

Վերջին տարիներուն Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կը ձգտի դառնալ սիւննի մահմետականներու առաջնորդը` մրցակցելով իսլամական երկու սրբազան վայրերու` Մեքքէի եւ Մետինէի հայրենիք Սէուտական Արաբիոյ հետ:

Երրորդ խոչընդոտը Սէուտական Արաբիոյ փափաքն է` իր ազդեցութիւնը տարածելու արաբական աշխարհի վրայ, բան մը, որ դէմ է թրքական բռնագրաւման քաղաքականութեան: Այդ իսկ պատճառով Սէուտական Արաբիա եւ Թուրքիա, ի շարս ուրիշներու, կը մրցին Յորդանանի Թագաւորութեան բարեկամութիւնը սիրաշահելու համար:

«Դեկտեմբերի վերջաւորութեան Թուրքիա 99 տարի ժամկէտով վարձած է Սուտանի Սուաքին կղզին` ընդլայնելով իր ներկայութիւնը Կարմիր ծովուն մէջ: Այս քայլը անհանգստացուցած է այն երկիրները, որոնք իրենք զիրենք կը համարեն «արաբական հակաահաբեկչական քառեակ» (Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա, ԱՄԷ եւ Պահրէյն): Ափրիկեան երկիրներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները ծաղկում կ՛ապրին: Ոչ բոլորը գոհ են նման զարգացումներէ, եւ այս իրողութիւնը կրնայ հարցեր յառաջացնել թուրք-յորդանանեան յարաբերութիւններուն մէջ», կը հաղորդէ Թրեմպլէյ:

Չորրորդ մարտահրաւէրը, ըստ փրոֆ. Թրեմպլէյի, նիւթական է: «Թուրքիա կը ձգտի դէպի Յորդանանի շուկաներ, սակայն կը բախի Պարսից ծոցի երկիրներու կողմէ ստեղծուած արգելքներու: Մարտ 2016-էն սկսեալ Թուրքիա եւ Յորդանան կը փորձեն, առանց յաջողութեան, ծովային երթուղի գործարկել թրքական Ալեքսանտրեթ եւ յորդանանեան Աքապա նաւահանգիստներուն միջեւ` Ծոցի շուկաներ հասնելու համար: Սակայն առանց քաղաքական փոխզիջումներու` տնտեսական համագործակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ անկայուն է: Թրքական օդանաւային ընկերութիւնները 19 մարտին վերսկսած են ուղիղ թռիչքները` Պոլսոյ եւ Աքապայի միջեւ: Հետաքրքրական է, որ մարտին իսկ սէուտական թագաժառանգը կը գտնուէր Գահիրէ` քննարկելու թագաւոր Սալմանի առաջարկուող բազմամիլիառ արժողութեամբ կամուրջը, որ իրարու պիտի կապէ Եգիպտոսն ու Սէուտական Արաբիան` Աքապայի ծոցի մուտքին. ոմանք ասիկա կը դիտարկեն իբրեւ պատասխան Աքապայի թռիչքներու եւ ծովային երթուղիի ծրագիրին: Մարտ 12-ին ԱՄԷ-ի արտաքին գործոց նախարարը Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման կատարած իր այցելութեան ընթացքին խոստացաւ օգնել Յորդանանին` իր դիմագրաւած տնտեսական զանազան մարտահրաւէրներուն մէջ եւ հաստատել տարածաշրջանային կայուն կապեր: Թուրքիա կը կարծէ, որ Յորդանանի կողմէ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի կասեցման պատճառով են այս զարգացումները: Յորդանանի գործարարները եւ վերլուծաբանները համամիտ են, որ որոշման կասեցումը ԱՄԷ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ ձեռքերուն գործն է», կը գրէ Թրեմպլէյ:

«Թուրքիոյ համար խիստ անհրաժեշտ է բազմացնել իր հնարաւորութիւնները արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Անցեալի բազմաթիւ սխալները եւ սուղ վճարուած ձախողութիւնները զգալիօրէն սահմանափակած են անոր արտաքին քաղաքականութեան տարբերակները: Վերջին տասնամեակին Թուրքիոյ յաւակնութիւններն ու հռետորութիւնը չեն համապատասխաներ իր հնարաւորութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն: Սակայն Յորդանանի հետ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին վերաբերեալ Անգարա ոչ միայն վճռական տրամադրուած է, այլ նաեւ` լաւ կազմակերպուած: Եթէ Թուրքիա կարենայ յաղթահարել նշուած խոչընդոտները, ապա ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի վերանայումը իսկապէս յաղթանակ կ՛ըլլայ Անգարայի համար», կ՛եզրակացնէ Թրեմպլէյ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Հայ Ընտանիքին Աստուածաշունչը

0
0

ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ

«Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը,
որպէսզի իր ծերութեան ատեն անկէ չխոտորի»:

Առակաց 22:6

Կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ ժամանակ չունին իրենց զաւակներուն հետ նստելու, խօսելու, խաղալու եւ կարդալու: Սակայն մեր կեանքին կարեւոր նպատակներէն մէկը պէտք է ըլլայ կրթել մեր զաւակները, աշակերտները` հայեցի եւ քրիստոնեայ դաստիարակութեամբ:

Յաճախ կը գանգատինք, որ մեր շուրջը մարդիկ, պատանիներ գիրք չեն կարդար: Եթէ կ՛ուզենք լաւ սերունդներ ունենալ, պէտք է ժամանակ տրամադրենք կարդալու եւ մեր շուրջ եղող պատանիները վարժեցնել կարդալու:

2017-ին ամրան «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կար օգտաշատ հարցազրոյց մը Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին հետ` նոր գիրքի մը հրատարակութեան առիթով: «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը», որ պատրաստուած է գերմաներէն լեզուով, հայերէնի թարգմանուած եւ պատրաստուած է դոկտ. Արտա Ճէպէճեանին կողմէ:  Անիկա հրատարակութիւնն է Աստուածաշունչի ընկերութիւններու ծոցի տարածաշրջանի ընկերութեան, որ Աստուածաշունչը մեծ սիրով ձրիաբար կը նուիրէ բոլոր հայ ընտանիքներուն: Գիրքը գրուած է պարզ եւ յստակ ձեւով, որպէսզի բոլոր մանուկները եւ պատանիները դիւրութեամբ կարենան կարդալ, իսկ ծնողներուն պարտականութիւնն է քաջալերել իրենց զաւակները` ընթերցանութեան կամ միասնաբար ընել այդ մէկը` հաճելի ժամանցի ձեւով: Ինչո՞ւ չէ, նաեւ` յիշել իրենց մանկութեան կամ պատանեկութեան ժամանակ սորված պատմութիւնները: Կը հպարտանանք, որ մենք աշխարհի վրայ առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք: Ինչպէ՞ս կրնանք պահել մեր հայրերուն, մեծ հայրերուն հաւատքը, երբ զայն չենք փոխանցեր մեր յաջորդներուն:

Գիրքը կը բաժնուի 20 մասերու, եւ իւրաքանչիւր բաժին եօթը պատմութիւններէ բաղկացած է: Պատմութիւններուն մէջ կան Աստուծոյ ստեղծագործութեան, Աբրահամի, Յովսէփի, Դաւիթի եւ շատ մը ուրիշ հերոսներու հաւատքի պատմութիւնները, ինչպէս նաեւ` Յիսուսի ծնունդին, հրաշքներուն, խաչելութեան եւ յարութեան մասին: Գիրքը գունազարդ է, ինչ որ աւելիով կը մղէ անհատը` հետաքրքրութեամբ կարդալու:

Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներն ալ Ս. Զատկուան տօնին առիթով ստացան այս Աստուածաշունչերէն` որպէս օգտաշատ նուէր: Ծնողներ գնահատեցին այս մէկը, որովհետեւ մնայուն հատոր մըն է, որուն միջոցով իրենց զաւակը կրնայ կարդալ ու հետեւիլ Աստուծոյ քայլերուն: Ինչպէս նաեւ կիրակնօրեայի դպրոցի ուսուցիչները ուրախացան այս գիրքով, որովհետեւ իրենք ալ կրնան կարդալ, օգտուիլ եւ փոխանցել իրենց սորվածը ուրիշներուն:

Եթէ կ՛ուզենք դրական ներդրում կատարել մեր շուրջը եղող մանուկներուն եւ պատանիներուն կեանքին մէջ, ուրեմն պէտք է քաջալերենք զանոնք կարդալու, մտածելու լաւ եւ շինիչ բաներու մասին:

Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք զանազան ձեւերով օժանդակեցին այս գիրքի հրատարակութեան:

 

 

 

Viewing all 12047 articles
Browse latest View live