Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Թուրքիոյ Տերիքի Միակ Հայը Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Նշած Է Զատիկը

$
0
0

«ԱԿՕՍ».- Մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը մեծաթիւ հայ բնակչութիւն ունեցող Մարտինի Տերիքի շրջանի միակ հայը Սուրբ Յարութեան տօնին այցելած է Սուրբ Գէորգ եկեղեցի:

5 տարի առաջ Պոլիսէն հայրենի Տերիք վերադարձած Զեքերիա Սապունճուն Սուրբ Յարութեան տօնին միայնակ այցելած է Տերիքի հայկական Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, հնչեցուցած է եկեղեցւոյ զանգը, մոմ վառած ու աղօթած:

Եկեղեցիէն ելլելէն ետք Զաքարիան Զատիկը իր զաւակներուն հետ նշելու համար մեկնած է Պոլիս:

 

 


Հայ-Ամերիկեան Թանգարանին Զօրակցելու Կոչ

$
0
0

«ԱՍՊԱՐԷԶ».-Հայ-ամերիկեան թանգարանին վարչութիւնը խմբագրութեանս յղած է հաղորդագրութիւն մը, որով կոչ կ՛ընէ հանրութեան, որ համացանցային խնդրագիր մը ստորագրելով` իր զօրակցութիւնը յայտնէ պատմական այս ծրագիրին:

Զօրակցական խնդրագիրը ստորագրելու համար այցելել www.armenianamericanmuseum.org/Petition կայքէջը:

Թանգարանին նպատակն է Միացեալ Նահանգներու մէջ ցեղային եւ մշակութային տարբեր խմբաւորումներու համակեցութեան կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առնել` ամերիկահայութեան փորձառութեան ընդմէջէն: Անիկա պիտի ունենայ ամերիկահայութեան պատմութեան նուիրուած մնայուն բաժին մը, ինչպէս նաեւ պիտի կազմակերպէ ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ եւ ներկայացումներ:

Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք այս թանգարանը, որ մաս կը կազմէ Կլենտէյլի քաղաքամէջը զարգացնելու ընդարձակ նախաձեռնութեան, պիտի ունենայ նաեւ ցուցադրական խոհանոց մը` տարբեր մշակոյթներու ճաշատեսակներու փոխանակման նպաստելու համար:

Հայ-ամերիկեան թանգարանին վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հայկական 10 կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ` Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը, Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւնը, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, Հայ օգնութեան միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, «Նոր օր» բարեգործական հիմնարկութիւնը, «Նոր սերունդ» մշակութային միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.ArmenianAmericanMuseum.org կայքը:

Համայնքիս ազգային կառոյցները միասնականութեան հոյակապ դրսեւորումով, կողք կողքի կ՛աշխատին իրականացնելու համար թանգարանին ծրագիրը:

«Ասպարէզ»-ը թանգարանի ծրագիրի յղացման առաջին իսկ պահէն միացած է համայնքի բոլոր ուժերուն եւ իր բաժին ներդրումը սիրով կը բերէ` համայնքը իրազեկ դարձնելով ու անհրաժեշտ պահուն խոչընդոտներն ու մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու համար զօրաշարժի ենթարկելով իր հնարաւորութիւնները:

Այս ա՛յն պահերէն մէկն է, երբ կը պահանջուի նուազագո՛յն աշխատանք: Ստորագրել համացանցային խնդրագիրը:

Կը խնդրենք ընդառաջել:

 

 

Պետական Արխիւին Մէջ Կը Պահուի Երկրին Անցեալը

$
0
0

ԼՈՒՍԻՆԷ ԹԵՒՈՍԵԱՆ

Պետական արխիւը որեւէ երկրի պատմութեան փաստագրական արտացոլումն է: Հարուստ երկիր ու հարուստ պատմութիւն ունենալու հետ կարեւոր է նաեւ այդ պատմութիւնը պահպանելն ու սերունդներուն փոխանցելը: Արցախի Պետական արխիւի գործունէութեան եւ խնդիրներու մասին «Ապառաժ»-ը զրուցած է հիմնարկի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Լեռնիկ Յակոբեանին հետ:

Արցախի Պետարխիւը հիմնադրուած է 1930 թուականին: Սկիզբը գործած է որպէս արխիւային պիւրօ, այնուհետեւ` արխիւային գործերու վարչութիւն, ներկայիս կը գործէ` որպէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութեան կազմին մէջ գործող «Պետական արխիւ»:

Արխիւադարաններուն մէջ պահպանուող պատմամշակութային նշանակութեան նիւթերէն` իրաւական գրութիւններ, գործավարական եւ այլ բնոյթի տասնեակ հազարաւոր փաստաթուղթերէն ամենահինը կը վերաբերի 1928 թուականին, որ կը վերաբերի Շուշիի հաշտարար դատարանին:

«Արցախի երբեմնի հարուստ արխիւէն քիչ բան մնացած է: Կարեւոր ու հետաքրքրական տեղեկատուութիւն պարունակող փաստաթուղթերուն մեծ մասը խորհրդային տարիներուն տեղափոխուած է Արցախէն Պաքու` կեդրոնական արխիւ ստեղծելու պատրուակով: Արցախի արխիւը տուժած է նաեւ պատերազմի տարիներուն. ռմբակոծութեան պատճառով 1992-ին շէնքը հրդեհի մատնուած է, որուն պատճառով ոչնչացած է փաստաթուղթերուն զգալի մասը», ըսած է Լեռնիկ Յակոբեանը:

Պետական արխիւին մէջ հաշուառման վերցուած է 381 ֆոնտ, իսկ պահպանման միաւորներուն ընդհանուր քանակը արխիւադարաններուն մէջ կը կազմէ աւելի քան 78 հազար:

«Արխիւադարաններուն փաստաթուղթերը բազմաբնոյթ են` ընկերային-տնտեսական, քաղաքական, իրաւական, վարչարարական,- ընդգծած է տնօրէնը եւ` նշած, որ,- ներկայիս եւս կը շարունակուին փաստաթուղթերու եւ նիւթերու հաւաքագրման աշխատանքները: Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ կը պահպանուին Արցախին վերաբերեալ բազմաթիւ փաստաթուղթեր, որոնք բնօրինակի կամ պատճէնի տեսքով շարունակաբար ընտրանքային սկզբունքով կը բերուին Ստեփանակերտ` համալրելու համար Արցախի Պետական արխիւը: Արխիւը կը համալրուի նաեւ արցախեան շարժումին ու պատերազմին, ինչպէս նաեւ հետագայ ժամանակաշրջանի պատմութիւնը ներկայացնող փաստաթուղթերով, տեսագրութիւններով ու լուսանկարներով»:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պետական արխիւի հարստացման գործընթացը կ՛իրականացուի «Հայաստանի Ազգային արխիւ» եւ «ԼՂՀ Պետական արխիւ» ՊՈԱԿ-ներու համագործակցութեան համաձայնագիրի շրջանակներուն մէջ: Փաստաթուղթերուն թիւը շարունակաբար կ՛աճի նաեւ ինչպէս հիմնարկ-ձեռնարկութիւններու, այնպէս ալ առանձին անհատներու կողմէ յանձնուող փաստաթուղթերու հաշուոյն:

Շարունակական բնոյթ կրող արխիւի համալրման գործընթացը կը յաջողի իրականացնել նաեւ նոր պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման շնորհիւ: Հայաստանի Ազգային արխիւի շնորհիւ Ռուսիոյ հետ ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն` Արցախին եւ Հայաստանին վերաբերող փաստաթուղթերը ելեկտրոնային տարբերակով տեղափոխելու նպատակով:

«Փաստաթուղթերու տեղափոխումը, այսօրուան դրութեամբ, երկրորդական խնդիր է: Այսօր ամբողջ աշխարհին մէջ կը շարունակուին արխիւային նիւթերու թուայնացման գործընթացները: Արխիւային նիւթերը այսուհետ բաց պիտի ըլլան: Այդ ժամանակակից ձեւն է», նշած է Լ. Յակոբեանը:

Հինգ տարի է` Արցախի Պետական արխիւին մէջ կ՛ընթանայ փաստաթուղթերու թուայնացման գործընթացը: Այսօրուան դրութեամբ թուայնացած է աւելի քան 36025 թերթ արխիւային նիւթ:

«Որոշակի արհեստագիտական դժուարութիւններ կան: Մենք չունինք անհրաժեշտ ժամանակակից սարքաւորումներ. այնուհանդերձ, մեր աշխատանքները կրնանք հասցնել  բաւարար մակարդակի», շեշտած է տնօրէնը եւ` նշած, որ թուայնացման գործընթացը թոյլ կու տայ հետագային խուսափիլ արխիւային նիւթերուն սպառնացող տարաբնոյթ վտանգներէն:

«Շէնքէն կը բացակային համապատասխան կլիմայական պայմանները, որոնք փաստաթուղթերու պահպանման անհրաժեշտ պայմաններ պէտք է ապահովեն. ասիկա  մեծ ծախսերու հետ կապուած է: Այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին, եւ շուտով կ՛ունենանք արխիւային համապատասխան պայմաններ», ըսած է ան:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պետական արխիւէն կ՛օգտուին ինչպէս Արցախի, Հայաստանի, այնպէս ալ արտերկրէն եկած գիտնականներ, ուսանողներ: Քիչ չեն նաեւ բնակիչներու դիմումները, որոնք հիմնականին մէջ անձնական բնոյթի տեղեկանքներ կը խնդրեն:

«Մեր հանրութիւնը, ցաւօք սրտի, այն թիւրիմաց կարծիքը ունի, որ արխիւը վայր մըն է, ուր կը հաւաքուին  հին, ոչ պէտքական թուղթերը: Սակայն կը հաւաստիացնեմ, որ ատիկա այդպէս չէ: Արխիւը բաւականին լուսաւոր կէտ է երկրի պատմութեան մէջ: Այստեղ կը պահուի երկրին անցեալը: Իսկ եթէ ճանչնանք մեր երկրին անցեալը, անպայման կը հասնինք ապագային:

Մենք պէտք է հասնինք այն բանին, որ արխիւը սերտ համագործակցի հանրային բոլոր օղակներուն հետ: Մենք պէտք է արխիւը դարձնենք գիտական կեդրոն, ուր կ՛աշխատին գիտնականներ, պէտք է գիտական աշխատանքներ իրականացուին` սկսելով գիրքերու հրատարակումէն, վերջացնելով այլ ուսումնասիրութիւններով: Մենք պէտք է զարգացնենք մեր արխիւային քաղաքականութիւնը», իր խօսքին մէջ նշած է Լեռնիկ Յակոբեանը:

 

 

 

Պատերա՞զմ, Թէ՞ Խաղաղութիւն. Կեղծ Երկընտրանք

$
0
0

ԷԴԻԿ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ

Թուրքիայի ներխուժումը Սուրիա խաղաղութեան տէրպետրոսեանական յղացքի ջատագովներին լուրջ մտորումների տեղիք պէտք էր տար: Մինչդեռ նրանք այսօր էլ մտմտում են ԼՂ հարցի կարգաւորման թուրք-ազրպէյճանական առաջարկների շուրջ, այն է` ազատագրուած տարածքների վերադարձ եւ դրան որպէս փոխզիջում` ԼՂ սթաթիւս քուոյի երեւակայական փոփոխութիւն եւ խաղաղութեան հաստատում: Թուրքիայի ներխուժումը ՄԱԿ-ի անդամ պետութեան տարածք, Էրդողանի յայտարարութիւնը, թէ` Թուրքիան վերադարձնում է իր պատմական տարածքները, ինչպէս նաեւ Երեւանի մասին Բաքուից հնչող զառանցանքները ի զօրու չեն, փաստօրէն, խելքի բերել տէրպետրոսեանական յղացքի ջատագովներին:

Սրանք նոյն յամառութեամբ պնդում են, որ Արցախի Հանրապետութեան ներկայ սթաթիւս քուոն պահելն անհնարին է, յղի է վտանգներով, ինչպէս նաեւ աննպատակայարմար` Հայաստանի զարգացման տեսանկիւնից: Պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ կեղծ երկընտրանքի մասին Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը խօսել է երկու անգամ: Ասում ենք` կեղծ երկընտրանք, որովհետեւ առնուազն հայերիս դէպքում նման երկընտրանք գոյութիւն չունի, որովհետեւ մենք այն վիճակում չենք, որ խաղաղութեան եւ պատերազմի միջեւ մտածուած ընտրենք պատերազմը: Մեր ընտրութիւնը խաղաղութիւնն է եղել 1988-ին եւ այսօր էլ խաղաղութիւնն է: Հետեւաբար Տէր Պետրոսեանի` ինչպէս «Պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն. լրջանալու պահը» հանրայայտ յօդուածը, այնպէս էլ 2017թ. խորհրդարանական ընտրութիւններում ՀԱՔ-ի քարոզարշաւի հիմքում դրուած նոյն զիջողական յղացքը, ըստ որի, պէտք էր ընդունել ԼՂ հարցի կարգաւորման բանակցային սեղանին եղած առաջարկները եւ այդկերպ ընտրութիւն կատարել յօգուտ խաղաղութեան, մեղմ ասած, այնքան էլ լաւ ծառայութիւն չեն մատուցում մեր ժողովրդին ու պետութեանը: Շեշտը դնել ապրիլեան պատերազմի վրայ եւ յայտարարել, թէ տեսա՞ք, բա՞ որ ասում էինք, այլ բան չէ, քան` չարախնդութիւն, որ, ինչ-որ տեղ, յատուկ է պարտուած եւ քաղաքականութիւնից հեռացող ուժերին: Պարզապէս արձանագրենք` Տէր Պետրոսեանը թէ՛ իր հանրայայտ յօդուածից եւ թէ 2017թ. խորհրդարանական ընտրութիւններից յետոյ քաշուեց քաղաքական յետնաբեմ:

Թուրքիայի ներխուժումը Սիրիա Տէր Պետրոսեանին, ամենայն հաւանականութեամբ, կը ստիպի լրջօրէն խորհել խաղաղութեան միջազգային օրէնքների մասին, որոնց գոյութեանն ու անխախտ կիրառութեանը, ո՛վ գիտի, հաւատում էր մինչ օրս: Ապրիլեան պատերազմի երկրորդ տարելիցը լաւ առիթ է դարձել որոշ լրատուամիջոցների համար` իրենց էջերը պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ կեղծ երկընտրանքի մասին լայնածաւալ յօդուածներով լցնելու համար: Սպասելի էր, անշուշտ, որ դրանց հեղինակները պէտք էր յիշէին տէրպետրոսեանական յղացքներով գծուած նահանջի ճանապարհները եւ, փոխանակ տեսնելու Արցախի Հանրապետութեան 30-ամեայ տէ ֆաքթօ անկախութիւնը, պնդէին սթաթիւս քուոյի պահպանման անհեռանկարայնութեան փուչ, ոչնչով չհիմնաւորուած իրենց տեսակէտը: Մօտեցումն էլ սա է` Արցախի խնդրի պատճառով Հայաստանը շրջափակուած է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիայի կողմից, ինչը մեզ թոյլ չի տալիս զարգանալ: Սրան աւելացնում են նաեւ Տէր Պետրոսեանից յետոյ փտած իշխանութիւնների վարած քաղաքականութիւնն ու ամէն ինչ տեղը գցում` յայտարարելով, որ մոլորութիւն է սթաթիւս քուոյի պահպանումը, որովհետեւ «այն, ըստ էութեան, ոչ թէ մտածուած համակարգային քաղաքականութիւն է, որը միտուած է Հայաստանում քաղաքական եւ տնտեսական համակարգային բարեփոխումների միջոցով նոր որակի պետութեան կայացմանը, այլ, ըստ էութեան, դիւանագիտական պլեֆ, որի հիմքում այն հաշուարկն է, որ միջազգային, տարածաշրջանային ընդհանուր վիճակը այս պահին հնարաւոր չեն դարձնում համաձայնութիւն ԼՂ խնդրում»:

Աչք փակելով այս ողջ յերիւրանքի վրայ` երկու բառ ասենք, «համաձայնութիւն ԼՂՀ խնդրում» արտայայտութեան մասին, որովհետեւ հաւկուրութեամբ տառապող մեր «խաղաղասէրները» հէնց այդ համաձայնութեան մէջ են տեսնում հարցի կարգաւորումը: Թւում է` իսկապէս վատ բան չկայ, ի՞նչ է պատահել, բոլորը գալիս են համաձայնութեան, եւ Արցախի հարցը լուծւում է: Բայց սա կատարեալ երազախաբութիւն է, չի կարող նման բան լինել: Կարո՞ղ էք մատնանշել մեր օրերի որեւէ հակամարտութիւն, որ կարգաւորուել է համաձայնութեան շնորհիւ: Աւելին ասեմ. մատնանշէք որեւէ հակամարտութիւն, որ երբեւէ կարգաւորուել է համաձայնութեամբ եւ այսօր գոյութիւն չունի: Թւում էր` Ղրիմը Ուքրանիա է եւ վե՛րջ: Պարզուեց` այդքան էլ այդպէս չէ: Թւում էր` Աբխազիան ու Հարաւային Օսեթիան Վրաստան են, Քուրիլները Ռուսաստան են, Վարշաւայի համաձայնութեան երկրները մէկ պլոք են, Քոսովոն Սերպիա է, ԿԺԴՀ-ն հրէշ է, Կիպրոսը յոյներինն է, վերջապէս, ապուշներ էլ կային, որ մտածում էին, որ Ղարաբաղը Ազրպէյճան է եւ վերջ: Պարզւում է` ոչինչ էլ այնպէս չէ, ինչպէս թւում է: Փոխարէնը աշխարհում ամէն ինչ այնպիսին է, ինչպիսին կայ տէ ֆաքթօ` գործող սթաթիւս քուոյով: Թէ ինչ կը կատարուի յետոյ, դա արդէն ժամանակը ցոյց կը տայ, բայց մի բան յստակ է, որ եթէ զիջում ես այսօր, տալիս ես քեզ ձեռնտու սթաթիւս քուոն, ոչինչ չես կարող ձեռք բերել ապագայում: Խօսքը փոխզիջումների մասին չէ, որոնցից պէտք է միայն հրաժարուել: Խօսքն այն մասին է, որ փոխզիջման ենթակայ չէ բուն խնդիրը, որի արդիւնքում այսօր կայ Արցախի Հանրապետութիւնը:

«Հայդատականութիւնը կամ պահանջատիրութիւնը քաղաքական ծրագիր չէ, հիմնուած է զգացումների, պատմական արդարութեան վերականգնման անհրաժեշտութեան, կենցաղային հայրենասիրութեան, նոյնիսկ ատելութեան վրայ»: Սա ասում է Տէր Պետրոսեանի «խաղաղութեան յղացքը  քաղաքական ծրագիր համարող վերլուծաբանը, որ նաեւ պնդում է, որ «Ոչ մի թիզ հող» հաւաքական պայմանական անունով հանդէս եկող գործիչները ընդդիմանում են փոխզիջման որեւէ հեռանկարի: Բայց, եկէք հարցին նայենք այն տեսանկիւնից, որ այսօր ոչ մի երկիր միւսին հէնց այնպէս «մի թիզ հող» չի զիջում: Իսկ ինչ վերաբերւում է Արցախին եւ ազատագրուած տարածքներին, ապա դրանք երբեք չեն եղել Ազրպէյճանի անկախ հանրապետութեան տիրապետութեան տակ: Հիմա մենք ի՞նչ պէտք է անենք` վերադարձնե՞նք Խորհրդային Ազրպէյճանին կցմցած տարածքները: Ո՞վ դրա համար կը համբուրի մեր ճակատը եւ ի՞նչ երաշխիք կը տայ, որ ազատագրուած տարածքներն Ազրպէյճանին նուիրաբերելուց յետոյ Ղարաբաղի հարցը կը լուծուի: Երբ չունէք Արցախի հարցի կարգաւորման սեփական ծրագիր, որի շուրջ, ձեր պատկերացմամբ, հնարաւոր է այնպիսի համաձայնութիւն ձեւաւորել, որի հետ համաձայն կը լինի նաեւ հայ ժողովուրդը, ապա մնացած ամէն ինչ, այդ թւում եւ տէրպետրոսեանական «խաղաղութեան յղացքը», պէտք է նետուի աղբարկղ եւ այլեւս որեւէ հարթակում չդառնայ քննութեան առարկայ: Հակառակ պարագայում, մենք կը վտանգենք ամէն ինչ, այդ թւում եւ Հայ դատն ու պահանջատիրութիւնը, որը սխալմամբ համարում էք զգացումների, պատմական արդարութեան վերականգնման անհրաժեշտութեան, կենցաղային հայրենասիրութեան եւ նոյնիսկ ատելութեան վրայ հիմնուած մի բան: Մեծագոյն մոլորութիւն է «հայադատականներին ու պահանջատէրներին» Տէր Պետրոսեանի խաղաղութեան յղացքի ընդդիմութիւն համարելը: Աւելի ճիշդ կը լինէր հակառակը պնդել, թէեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը ժամանակի քննութիւն չբռնած իր տեսակէտներով երբեք չի հասել պահանջատիրութեան ընդդիմախօսի աստիճանին: Չի էլ հասնի, որովհետեւ առանց պահանջատիրութեան` նոյնիսկ փոխզիջումների մասին խօսակցութիւններն են անիմաստ: Եթէ պահանջատէր չես, ուրեմն նաեւ խնդիր չունես, իսկ եթէ խնդիր չունես, ուրեմն դու աշխարհում քաղաքական առումով իրաւատէր չես: Սրա շուրջ պէտք է խորհել:

Այո՛, 2016-ի ապրիլեան պատերազմը ցոյց տուեց, որ սթաթիւս-քուոն կարող է խախտուել ցանկացած պահի. զսպող հանգամանքներ չեն անգամ միջնորդներն ու միջազգային երաշխիքները: Բայց Ապրիլեան պատերազմը նաեւ ցոյց տուեց, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան (իսկ նրանք միասին էին գործում այդ պատերազմում) դէմ չեն կուլ տալու Արցախը: Նրանք, «իրենց հողերը» չազատագրած, արդէն սպառնում էին Ստեփանակերտին: Ի՞նչ փոխզիջման մասին է խօսքն, առհասարակ: Նոյն կերպ Ալիեւը Երեւանը գրաւելու մասին է խօսում: Եւ գիտէ՞ք` ի՛նչն է հետաքրքիր. եթէ Ալիեւին յաջողուի հասնել Սեւան եւ նոր սթաթիւս քուօ ձեւաւորել, յանկարծ կարող են հայդատականութիւնն ու պահանջատիրութիւնը մերժող տէրպետրոսեանական յղացքի ջատագովներ ի յայտ գալ եւ խորհուրդ տալ Սեւանը հայկական ու ազրպէյճանական ազդեցութեան գօտիների բաժանել, «փոխզիջել» ամբողջը չկորցնելու համար: Վաղը Սիրիայում մի ուժ կը բերեն իշխանութեան, որն ըմբռնումով կը մօտենայ թուրքական ներխուժմանն ու Թուրքիայի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնմանը: Եւ պատկերացրէք, Սիրիային չեն օգնի ո՛չ «զսպող» հանգամանքները, ո՛չ էլ միջազգային միջնորդները, որոնք տեղում են եղել թէ Կիպրոսի հիւսիսային մասի բռնագրաւման, թէ Ղրիմի բռնակցման, թէ ռուս-վրացական պատերազմի, թէ՛ Սերպիայից Քոսովոն պոկելու եւ թէ՛ բազմաթիւ այլ հակամարտութիւնների ժամանակ:

«Ոչ թէ Հայաստանի ներուժն է ամրապնդւում ԼՂ խնդրում աւելի ուժեղ դիրքերից բանակցելու համար, այլ ԼՂ խնդիրն է շահարկւում անորակ կառավարումը, փտածութիւնը, ընտրակեղծարարութիւնը մոթիվացնելու համար»,  իմ կարծիքով` սա մեր անկախութեան 30-ամեայ տարածութեան մէջ ճիշդ դիտարկում է, սակայն այս դէպքում էլ հասկանալի չէ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է հայրենի «փտած եւ ընտրակեղծարար» իշխանութիւններին կոչ անել` յանձնել ազատագրուած տարածքները, միայն թէ Ազրպէյճանը նոր պատերազմ չսկսի: Եւ սրա անունը դնում են պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ երկընտրանքի յղացք: Շատ գեղեցիկ յղացք է, մանաւանդ եթէ հաշուի առնենք, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, հասկանում ես, ո՛չ փտած են, ո՛չ էլ ընտրակեղծարար:

 

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Ապրիլ Ա. –Շնորհաւորական Այցելութիւններէն Անդին

$
0
0

Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Սուրիոյ նախագահին թելադրանքով պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու քրիստոնեայ եւ հայ համայնքապետներուն այցելութիւնը երկրին մէջ կրօններու եւ մշակոյթներու համագոյութեան պահպանումի  պատգամը կը յղէր:

Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ դոկտ. Համուտա Սապաղ  այցելեց Դամասկոսի քրիստոնեայ ե հայ համայնքապետներուն, իսկ Հալէպի մէջ Սուրիոյ Պաաս կուսակցութեան փոխնախագահ Հիլալ  Հիլալ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարարէն, Հալէպի նահանգապետէն եւ անոնց  ընկերակցող պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը այցելեց հայ համայնքապետներուն:

Եթէ նկատի ունենանք վերոյիշեալ այցելութիւններուն առիթը, բնականաբար մեզի պիտի թուի, թէ անոնք Ս. Յարութեան տօնին առիթով կատարուած շնորհաւորական այցելութիւններ են պարզապէս, որոնք պատերազմի նախորդող տարիներուն  ալ տեղի կ՛ունենային եւ նորութիւն չեն համարուիր: Իրականութեան մէջ, սակայն, սուրիական պատերազմի ա՛յս փուլին բարձրաստիճան պատասխանատուներու մակարդակով կատարուած շնորհաւորական այս այցելութիւններն ու անոնց յաջորդող քարոզչական աշխատանքը ներքին թէ արտաքին կողմերու քանի մը պատգամ կը յղեն:

Առաջին պատգամը ուղղուած է Սուրիոյ դիմագիծը փոխելու համար տարիներ շարունակ նկրտող հաւատադրժողական գաղափարներու խնկարկուներուն: Անոնց, որոնք պատերազմի այս տարիներուն խաւարամիտ կրօնամոլներ գրգռելով, կաշառելով` Սուրիա ճամբեցին ու քանդել տուին եկեղեցիներ, հնագիտական վայրեր, թանգարաններ  եւ այլն, ամէն գնով աղաւաղելու Սուրիոյ դիմագիծը, քաղաքակրթութիւնը, մշակութային եւ կրօնական բազմազանութիւնը: Անոնք առաւելաբար փորձեցին քայքայել Սուրիոյ ընկերային հիւսուածքը` համայնքային եւ կրօնական լարուածութիւններ սրելով, կրօնաւորներ ու մշակութային գործիչներ սպաննելով:

Այս այցելութիւնները եկան հաստատելու, որ Սուրիան, եօթը տարի մաքառելէ ետք, կը շարունակէ մնալ կրօններու եւ մշակոյթներու համագոյութեան երկիր. եկան հաստատելու, որ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը կը շարունակէ ամէն ջանք թափել ոչ միայն պահպանելու սուրիական ընկերութեան խճանկարը, այլեւ` բոլոր համայնքները մասնակից դարձնելու երկրի վերակառուցման ու նոր Սուրիան, Սուրիոյ նոր քաղաքացին կերտելու աշխատանքին:

Երկրորդ պատգամը սեփական ուժերուն վստահելու եւ միասնական ճիգերով երկրին ու անոր փոքրամասնութիւններուն դէմ հիւսուած դաւերը չէզոքացնելու  հաւատքի ամրապնդման շեշտադրումն էր:

Շնորհաւորական բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին շեշտը դրուեցաւ սուրիական բանակին մարտավարութեան, վերջին ամիսներուն, յատկապէս արեւելեան Ղութայի մէջ, անոր սրընթաց յառաջխաղացքին, աշխարհակուլ ուժերու կողմէ ծրագրուած զինուորական թէ քարոզչական յարձակումներուն դէմ արձանագրած յաղթանակներուն վրայ: Սուրիական բանակը, դաշնակից երկիրներու զօրակցութեան հետ մէկտեղ, գետնի վրայ հերոսական պատմութիւն կերտեց: Աշխարհի զանազան երկիրներէ Սուրիա ղրկուած, զինուորական եւ նիւթական հսկայ կարելիութիւններով օժտուած հարիւր հազարաւոր ահաբեկիչներուն դէմ յաղթանակ արձանագրելը, տակաւին, ստորգետնեայ հարիւրաւոր փապուղիներ, կառուցապատուած ու կահաւորուած ապաստաններ, արդիական հիւանդանոցներ պատրաստած ուժերու յարձակումները ձախողութեան մատնելը բանակի մը հզօր կարելիութիւններուն եւ գաղափարական ուժին մասին կը խօսին պարզապէս:

Պատերազմի օրերուն երկրի տարածքային ամբողջականութեան, արդարութեան ու ժողովրդավարութեան հաստատման ջատագովը հանդիսացող հայ համայնքը, պետական ներկայացուցիչներուն հաստատումով, որպէս վստահելի ու գործունեայ համայնք, իր դերակատարութիւնը պիտի ունենայ Սուրիոյ վերակառուցման, ընկերային հիւսուածքի պահպանման ու նոր Սուրիոյ առողջ քաղաքացին կերտելու աշխատանքին մէջ:

Ճիշդ է որ սուրիական տագնապը իր աւարտին չէ հասած տակաւին, այս այցելութիւնները, սակայն, նոր Սուրիան կերտելու պատրաստակամութիւնն ու գործնական քայլերու մեկնարկը կ՛ուրուագծէին` վեր առնելով երկրին մէջ հայ համայնքին կառուցողական ներկայութիւնը:

«Գ.»

Գործող Յարացոյցը Եւ Մենք

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հայաստանի քաղաքական բեմի ներկայ իրականութեան ճշգրիտ բնորոշում կարենալ տալու համար կարեւոր է, որ նախ եւ առաջ մենք մեզի հարց տանք, թէ ի՞նչ է բնոյթը այսօր երկրի քաղաքական կեանքը տնօրինող յարացոյցին (paradigm, պարատիգմա) եւ այդ լոյսի տակ միայն փորձենք գնահատական տալ կառավարական դաշինքէն ներս մեր կուսակցութեան ներկայ դերակատարութեան եւ ապագայ անելիքին:

Հաստատուած իրողութիւն է, որ Դաշնակցութիւնը առաջնորդող հանդիսացաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու փաթեթի հետապնդման գործին մէջ: Մենք այդ մէկը ըրինք նախագահ Սերժ Սարգսեանի ամբողջական աջակցութեամբ:

Իրականութեան մէջ, այն օրէն ի վեր, որ նախագահը որոշեց իր հովանաւորութիւնը ընծայել այս գործին եւ նախաձեռնեց սահմանադրական փաթեթի ձեւաւորման աշխատանքին, ծրագիրը գործնականօրէն դուրս եկաւ մեր ձեռքէն, եւ ան իւրացուեցաւ նախագահին կողմէ` որպէս գործադիր իշխանութեան առաջնահերթութիւն: Նոյնքան շահեկան է այն փաստը, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու այս շարժումը ոչ մէկ դժգոհութիւն յառաջացուց երկրի օլիկարխներու եւ մենաշնորհի տէրերու շրջանակին մէջ… Քաղաքական բեմը չալեկոծուեցաւ երբեք: Չկար որեւէ խլրտում: Որեւէ հրապարակային լուրջ առարկութիւն: Ինչո՞ւ: Միթէ այդ մարդիկ չէի՞ն հասկնար, թէ ի՛նչ կը կատարուէր իրենց շուրջ: Միայն մե՞նք էինք երկրի զգօն քաղաքացիները… Բնականաբար` Ո՛Չ:

Անոնք հաստատ համոզուած էին, որ սահմանադրական այս փոփոխութիւններով յարացոյցի փոփոխութիւն տեղի պիտի չունենար, իսկ մենք իրաւամբ դրօշ պարզած էինք յարացոյցի (եւ անշուշտ` տիրող համակարգի) փոփոխութեան դատը մերը ընելով եւ զայն դնելով մեր ազգային օրակարգին վրայ:

Այժմ յստակօրէն կը տեսնենք, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը այս հարցին մօտեցած էր յատուկ ռազմավարութեամբ: Ան սահմանադրական փոփոխութիւններու իր օրակարգին համար կենսական կը նկատէր խորհրդարանին մէջ միահեծան ուժ ըլլալու պայմանը: Առանց այս պայմանին` նոր սահմանադրութիւնը կը խոստանար յարացոյցի շեշտուած յեղաշրջում յառաջ բերել, եւ այդ մէկը բնականաբար կը սպառնար օլիկարխիայի շահերուն: Հանրապետական կուսակցութիւնը ամէն գնով նուաճեց այդ նշաձողը, որուն շնորհիւ ան այժմ կը յաջողի առնել յաջորդ քայլը: Շուտով Հայաստանի նախագահի վարչապետացումով վերջնականօրէն կ՛ամրագրուի մէկ հիմնական երաշխիք: Նախկին նախագահական համակարգը հանգիստ կը տեղաւորուի նոր սահմանադրութեան դրոյթներուն մէջ: Եւ անոր հետեւող օրէնսդրական գործընթացը ի վերջոյ կրնայ վերածուիլ այս հոլովոյթը մշտնջենաւորող գործիքի:

Պարզ խօսքով, ներկայի յարացոյցը կը շարունակէ մնալ այն, ինչ որ էր: Այսինքն նո՛յնը: Այսինքն` էութեամբ նախագահական կառավարչաձե՛ւ մը` այս վերջինէն բխող քաղաքական մշակոյթի էական գործօններով:

Այս առումով, պէտք չէ զարմանալ, որ այսօր տեղի կ՛ունենայ վերջին կերպարանափոխութիւնը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան «կ՛առաջադրուի» որպէս վարչապետի թեկնածու: Այսինքն թեկնածու կը դառնայ գործող յարացոյցի ամէնէն հարազատ ներկայացուցիչը` միաժամանակ վարչապետի ընտրութեան խորհրդարանական գործընթացը վերածելով պարզ ձեւականութեան: Ասիկա այնքան բնական հետեւանքն է վերեւ նկարագրուած հոլովոյթին, որ եթէ յանկարծ ուրիշ անուն մը առաջադրուէր, պէտք էր, որ կասկածի տակ առնէինք պատահածը եւ դիմակազերծ ընէինք նմանօրինակ բեմադրութիւնը:

Այս բոլորէն ետք կարեւոր է, որ հարց տանք: Պէ՞տք է այնուամենայնիւ փոփոխութիւններ ակնկալել ապագայ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի վարչակարգէն, որուն մաս պիտի կազմէ նաեւ Դաշնակցութիւնը: Ես կը կարծեմ, որ իրապաշտ ակնկալութիւն է համակարգի «արդիականացման» որոշ քաղաքականութիւն նախատեսել նոր կառավարութենէն: Կասկած չունիմ, որ կան շարք մը բաներ, որոնք պէտք է փոխուին եւ ապահովաբար պիտի փոխուին, եւ Դաշնակցութիւնը (որպէս դաշինքի անդամ) պիտի սատար հանդիսանայ այդ գործընթացին: Եւ սակայն ես դիտմամբ չակերտեցի արդիականացումը, քանի որ կը կարծեմ, որ ան ընդհանրապէս պիտի մնայ մակերեսին վրայ: Այս յարացոյցի դարբինները աւելին չեն կրնար տալ մեր երկրին: Անոնք կը հաւատան այն մաքիավելական օրէնքին, որ կ՛ըսէ, թէ` «իրականութիւնը պէտք է փոխուի, որպէսզի ան մնայ նոյնը»…Հետեւաբար իրենցմէ ծնող արդիականացումը պիտի չըլլայ խորքային: Ան պիտի չըլլայ համակարգային: Ան հիմնական լուծում պիտի չբերէ արտագաղթի հարցին: Ան պիտի չազատագրէ տնտեսութիւնը մենաշնորհային համակարգի տիրապետութենէն: Ան պիտի չկարողանայ ստեղծել անհրաժեշտ թիւով իրական աշխատատեղեր: Ան պիտի չկարողանայ ծնունդ տալ որակաւոր տնտեսական աճի: Դատելով վերջին բազմաթիւ տարիներու փորձէն` մենք ստիպուած ենք թերահաւատ ըլլալու բոլոր այս հրամայականներու կապակցութեամբ եւ անշուշտ ի սրտէ կը մաղթենք սխալած ըլլալ: Հիմնուած անցեալի փորձին վրայ, Հանրապետական կուսակցութիւնը իր այսօրուան մեծամասնական դիրքերէն ի վիճակի չէ այդ ոստիւնը իրագործելու:

Այդ բանը պիտի ընէ Դաշնակցութիւնը: Ես համոզուած եմ, որ Դաշնակցութիւնը չի կրնար լճանալ այս յարացոյցին մէջ եւ անոր հետ: Մեր երկիրը ի վերջոյ պիտի յաղթէ ինքզինքին եւ մենք պիտի ըլլանք այդ վճռական կռիւը առաջնորդողը:

Ապրիլ 6, 2018

Համազգայինի «Քնար» Հայաստանի «Մուշ» Պարախումբերու Իւրայատուկ Ելոյթները

$
0
0

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան, անցնող շաբաթավերջին Սին Էլ Ֆիլի «Իվուար» թատերասրահին մէջ, ուրբաթ 6 եւ կիրակի 8 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, հոծ բազմութեան դիմաց երկու միացեալ ելոյթներով հանդէս եկան Համազգայինի «Քնար» պարախումբը, պարուսոյցներ` Կարէն եւ Ժագլին Մակինեան ամոլը, եւ Հայաստանի «Մուշ» պարային անսամպլը, պարուսոյցներ` Արթիւր Յակոբեան եւ Էտկար Աւետիսեան: Ուրբաթի ելոյթին ներկայ էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը:

Զոյգ ելոյթներուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեցին «Քնար» պարախումբի անդամներ Կալի Խիւտավերտեանը` հայերէնով, իսկ Աշոտ Աբգարեան` անգլերէնով:

Անոնք նկատել տուին, որ 2018 տարին խորհրդանշական թուական մըն է, որովհետեւ կը զուգադիպի յատկանշական յոբելեաններու, ինչպէս` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակը եւ համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակը: Առ այդ, Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութիւնը անգամ մը եւս հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան` հայապահպանման եւ հայ մշակոյթի զարգացման գործընթացին, ուզած է անգամ մը եւս երկու երկիրներուն միջեւ կամուրջ մը ստեղծել` առաւել եւս ամրապնդելու Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ գտնուող արդէն իսկ ամուր կապը եւ Լիբանան հրաւիրած է Հայաստանի «Մուշ» պարային անսամպլը` միացեալ ելոյթ մը ունենալու «Քնար» պարախումբին հետ: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Բիւզանդ Գէորգեանին, որ սիրայօժար ստանձնած էր զոյգ ելոյթներուն նախագահութիւնը, որովհետեւ ան կը հաւատայ սփիւռք-հայրենիք գործակցութեան կարեւոր դերակատարութեան` հայ մշակոյթի զարգացման յաջողութեան մէջ:

Այնուհետեւ, աւելի քան երկու ժամ տեւողութեամբ, «Քնար» եւ «Մուշ» պարախումբերը իրենց գեղարուեստական բարձրորակ կատարումներով լիբանանահայ հանդիսատեսին ներկայացան հայահունչ եւ հայկական մթնոլորտ ստեղծող յայտագիրով` լիբանանահայ պարարուեստի պատմութեան մէջ արձանագրելով նոր ոստում մը:

Ելոյթի երկու արարներու ընթացքին հանդիսատեսին հրամցուեցան 31 պարեր: Յայտագիրի առաջին բաժինով ներկայացուեցան`  «Բերդ», «Գիւմրի», «Շուշի», «Զանգեզուր», «Հովիւներու պար»,  «Սայաթ Նովա», «Կոմիտասեան», «Կապոյտ թռչուն», «Զարթօնք», «Վրացական», «Տաւիղ», «Քոչարի», «Կուժերով պար», «Ազգագրական պար» պարերը:

«Քնար» եւ «Մուշ» պարախումբերու 55 անդամներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած միացեալ ելոյթին երկրորդ բաժինով ներկայացուեցան «Կինտօ», «Մեղեդի», «Ազգագրական պար», «Ուզունտարա», «Թամզարա», «Կարօտ», «Յաղթանակ», «Կռունկ», «Մարտական», «Չինար են», «Գնչուական», «Սղերդի քոչարի», «Մախմուր աղջիկ», «Հայաստան», «Քոչարի» պարերը, որոնց ընդմէջէն փոխանցուեցաւ` հայրենասիրական վճիտ զգացում նաեւ`, ազգային ապրումներու եւ ըմբռնումներու անաղարտ հասկացողութիւն, արուեստի բարձրորակ ճաշակ եւ ստեղծագործական հմայք: Անոնք յաջողեցան իրենց ելոյթներով հոգեկան հաղորդակցութիւն մը ստեղծել հանդիսատեսին եւ հայ մշակոյթին ու արուեստին միջեւ:

Յայտագիրի ընթացքին փոքրիկն Արսէն Սահակեանը իր անուշ ձայնով, մեկնաբանեց երկու երգ, որ մեծապէս գնահատուեցաւ հանդիսատեսներուն կողմէ, բեմական կեցուածքին ու շարժուձեւերուն համար:

Արդարեւ, զոյգ պարախումբերը իրենց պարուսոյցներու հսկողութեան ներքոյ կրցած էին թափանցել աւանդական պարերուն եւ հայկական հարուստ մշակոյթի խորքը, ինչ որ արտացոլաց պարերու արհեստավարժ կատարման ընդմէջէն:

Պարային այս միացեալ ներկայացման մէջ առանձնակի դեր ունէին գունազարդ տարազները. իւրաքանչիւր պար ունէր իրեն համապատասխան տարազը` գեղեցիկ ու հմայիչ տեսքով, ներդաշնակ գոյներու համադրումով, վայելուչ եւ հրապուրող զարդերով:

Վերջապէս, «Քնար» եւ «Մուշ» պարախումբերը առիթ տուին ներկաներուն` ապրելու հաճելի եւ հայկական մթնոլորտի մէջ, զանոնք դուրս բերելով իրենց առօրեայէն եւ փաստելով մեր մշակոյթի, պարի, երաժշտութեան գեղեցկութիւնն ու արժէքը:

 

Ընտրական Քրոնիկ. Ընդհանուր Վերնագիրը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Լիբանան համաձայնական ժողովրդավարութեամբ օժտուած համայնքային երկիր մըն է, ուր 2 տարիէ ի վեր կը տիրէ քաղաքական կայունութիւն մը շնորհիւ եռապետերու` նախագահ-խորհրդարանի նախագահ-վարչապետ համագործակցութեան: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի անցնող 2 տարուան ընթացքին յաջողեցան երկրին մէջ հաստատել դրական մթնոլորտ մը` երկիրը վերածելով շրջանային փոթորկոտ ովկիանոսին մէջ կայունութեան կղզիի մը, ուր հարցերը կը լուծուին երկխօսութեամբ, հանդարտութեամբ եւ փոխադարձ զիջումի սկզբունքի հիմամբ:

Անոնք յաջողեցան շրջանցել դժուարութիւնները եւ տարակարծութիւնները, չէզոքացնել ու մեկուսացնել խնդրայարոյց գործիչները, եւ ներքին կայունութեան պահպանման համար` «չէզոքութեան» քաղաքականութիւն որդեգրելով` Լիբանանը հեռու պահել շրջանային ու միջազգային առանցքներու պայքարէն:

Գործող իշխանութիւնը անցնող երկու տարուան ընթացքին խորհրդակցութիւններու, երկխօսութեան ու քննարկումներու շնորհիւ եւ փոխադարձ զիջումներու հիմամբ որդեգրեց ընտրական նոր օրէնքը, կատարեց թափուր մնացած պետական պաշտօններու համար նշանակումներ, ինչպէս նաեւ որդեգրեց պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձերու յաւելման օրէնքն ու 2018-ի պետական ամավարկը: Տակաւին վերջերս տեղի ունեցան Լիբանանի օժանդակութեան յատկացուած միջազգային խորհրդաժողովներ` զինեալ ուժերու օժանդակութեան «Հռոմ 2» եւ տնտեսութեան օժանդակութեան «Սետր 1» խորհրդաժողովները: Շուտով պիտի գումարուի սուրիացի տեղահանուածներու հարցին նուիրուած Լիբանանի համար դարձեալ մեծ կարեւորութիւն ունեցող Պրիւքսելի ժողովը: Աւելի՛ն, նախագահ-խորհրդարանի նախագահ-վարչապետ եռամիասնութեան ու ժողովրդային մեծ զօրակցութեան շնորհիւ էր, որ կարելի եղաւ ապահովել Լիբանանի վարչապետին Ռիատէն Պէյրութ վերադարձը:

Այս կարճատեւ, սակայն դրական ընթացքին, մթնոլորտին ու ձեռքբերումներուն շարունակումը կը բխի Լիբանանի` պետութեան ու ժողովուրդի շահերէն: Ահա թէ ինչու, երբ աչքէ անցընենք կազմուած ընտրական դաշինքները, այդտեղ կարելի է նշմարել իշխանութեան երթը շարունակելու ձգտում մը, որ լռելեայն կ՛արտայայտուի Մուսթաքպալ հոսանք-Ազգային ազատ հոսանք ընտրական դաշինքներուն մէջ: Այդ դաշինքները բնական արդիւնքն են անցնող երկամեակի ներլիբանանեան ընդհանուր մթնոլորտին:

Եթէ զանց առնենք կարգ մը ընտրաշրջաններու մէջ նշեալ երկու հոսանքներուն միջեւ ընտրական նեղ հաշիւներէ մղուած մրցակցութիւնը, կարելի է ըսել, թէ 6 մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին պայքարը համախոհութեան ու երկխօսութեան ուժերու եւ ճակատումի ու լարուածութեան ստեղծման ուժերու ընտրադաշինքներուն միջեւ է: Ահա այս է յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդհանուր վերնագիրը:

 

 


Գերմանիոյ Կայսրութիւնը Զէնքեր Տրամադրելով` Նպաստած Է Հայոց Ցեղասպանութեան

$
0
0

Վոլֆկանկ Լանտկրայպեր

ՊԵՐԼԻՆ.-  Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ զէնքերու համաշխարհային առեւտուրին դէմ պայքարող «Global Net. Stop the Arms Trade» ցանցին առաջարկով պատրաստուած նոր ուսումնասիրութիւն մը հաստատած է, որ Գերմանիոյ կայսրութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ եւ անոր ընթացքին յատկանշական քանակութեամբ զէնքեր տրամադրած է Օսմանեան կայսրութեան` Հայոց ցեղասպանութեան ծրագիրը իրականացնելու համար:

Ուսումնասիրութիւնը նաեւ կը շեշտէ, որ զէնքեր տրամադրելու կողքին, գերմանացի սպաները իրե՛նք հաստատած են Ցեղասպանութեան «գաղափարական հիմքերը»: Յատկանշական է, որ այս ուսումնասիրութիւնը մօտաւորապէս 100 կազմակերպութիւններէ բաղկացած վերոյիշեալ միջազգային ցանցին ջանքերով պատրաստուած առաջին հետազօտական աշխատասիրութիւնը կը հանդիսանայ:

Հոն կը նշուի, որ թրքական զօրքերը Հայոց ցեղասպանութեան իրականացման համար հիմնականօրէն օգտագործած են գերմանական հրացաններ եւ այլ զինատեսակներ: Գերմանական «Մաուզեր» ընկերութիւնը Օսմանեան կայսրութեան տուած է միլիոնաւոր հրացաններ եւ ատրճանակներ, որոնք օգտագործուած են Ցեղասպանութեան ժամանակ` գերմանացի սպաներու աշխուժ աջակցութեամբ: Զեկոյցին համաձայն, գերմանացի սպաները, որոնք ծառայած են թուրք-օսմանեան զինուորական անձնակազմին մէջ, աշխուժօրէն օգնած են իրականացնելու սպանդները:

«Յարձակողներուն մեծ մասը զինուած եղած է «Մաուզեր» տիպի հրացաններով, իսկ սպաները` նոյն ընկերութեան ատրճանակներով», նշուած է զեկոյցին մէջ, ուր նաեւ կը շեշտուի, որ մեծ թիւով գերմանացի սպաներ կոտորածներուն ականատես եղած են եւ անոնց մասին գրած` իրենց ընտանիքներուն ուղղուած նամակներուն մէջ:

Բացի հրացաններէ եւ ատրճանակներէ` թրքական բանակը նաեւ զինուած է Գերմանիոյ Էսեն շրջանին մէջ հաստատուած յայտնի «Քրուփ» (Krupp) ընկերութեան արտադրած հարիւրաւոր թնդանօթներով, որոնք օգտագործուած են յատկապէս Մուսա Լերան մէջ հայերու զինուած դիմադրութիւնը ճնշելու համար:

Լրատուամիջոցը կը յիշեցնէ, որ 2015-ին Գերմանիոյ նախագահ Եոախիմ Կաուքը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան մէջ Գերմանիոյ «համապատասխանատուութիւն»-ը, եւ նոյն տարուան ընթացքին լրագրող Եուրկըն Կոթշլիխին հրապարակած գիրքը մանրամասնած է Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Գերմանիոյ տրամադրած ռազմական խորհուրդներն ու մարզումները` Օսմանեան կայսրութեան, իսկ այս նոր զեկոյցը առաջին անգամ ըլլալով մանրամասնութիւններ կը բացայայտէ նաեւ «Մաուզեր» եւ «Քրուփ» ընկերութեանց տրամադրած նիւթական աջակցութեան ծաւալներուն մասին:

Ուսումնասիրութեան գլխաւոր հեղինակն է Գերմանիոյ կողմէ զէնքի արտածումներու մասին շարք մը ժապաւէններ արտադրած Վոլֆկանկ Լանտկրայպերը, որ կը նշէ, թէ «Մաուզեր» ընկերութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ատրճանակներու մենաշնորհ ունէր: Ան կ՛աւելցնէ, որ մինչ ներկայիս այդ ընկերութիւնը պատմութեան անցած է, «Քրուփ»-ի իրաւայաջորդը` գերմանական «ԹիսենՔրուփ»-ը, վերածուած է պողպատ արտադրող հսկայ ընկերութեան մը, որ երբեք հրապարակային կերպով չէ խոստովանած Ցեղասպանութեան մէջ իր ունեցած դերակատարութիւնը:

Լանտկրայպերը կը յիշեցնէ թրքական բանակի հրամանատարներէն Ֆահրի փաշայի գերմանացի խորհրդական զօր. Կրաֆ Վոլֆսքելին մէկ վկայութիւնը` Ուրֆայի մէջ իրենց տուները ապաստանած հայերուն դէմ թրքական բանակի յարձակումին մասին, որուն ընթացքին սպաննուած են մեծ թիւով հայեր:

Մինչ գերմանական ընկերութիւնները տրամադրած են զէնքերը, իսկ գերմանացի զինուորները` զանոնք գործածելու փորձագիտական օժանդակութիւնը, գերմանացի սպաները, ըստ Լանտկրայպերի, դրած են Հայոց ցեղասպանութեան «գաղափարական հիմքերը»:

Ուսումնասիրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Օսմանեան կայսրութեան նման` Գերմանիա եւս կասկածով կը մօտենար հայութեան, Ռուսիոյ հետ հայերուն ունեցած կապերուն պատճառով: Զեկոյցը կ՛անդրադառնայ զօր. Քոլմար վոն տեր Կոլցին, որ 1883-էն սկսեալ ռազմական առանցքային խորհրդական դարձած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ ջատագով մըն էր դէպի կայսրութիւն գերմանական զէնքի արտածումներուն: Ան հայատեաց մըն էր` հայերը նկարագրելով իբրեւ «իւղոտ, առեւտուրի ժողովուրդ», ու կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր սուլթանը համոզելու մէջ, որպէսզի ան «Հայկական հարցը վերջնականապէս լուծէ»: Լանտկրայպերը Կոլցը կը համարէ նաեւ նացիական գաղափարախօսութեան աղբիւրը` պնդելով, որ Ատոլֆ Հիթլեր` ոչ միայն թշնամին պարտութեան մատնելու եւ անոր յանձնուիլ պարտադրելու, այլեւ ամբողջովին զայն ոչնչացնելու դիրքորոշումը իւրացուցած էր Կոլցի գիրքէն:

Վերջապէս, Լանտկրայպերը ընդգծած է, որ նոր հետազօտութիւնը ոչ մէկ ձեւով կ՛արդարացնէ Օսմանեան կայսրութիւնը իր մեղքէն, այլ պարզապէս կ՛ամբողջացնէ պատմութեան բաց մնացած կէտերը: «Ամբողջական պատկերը պէտք է աւելի՛ լիարժէք ըլլայ», ըսած է ան ուսումնասիրութեան ներկայացման ընթացքին:

 

Արցախեան Շարժման 30-ամեակ. Արցախի Վերածննդի Օր` Երեսնամեայ Փետրուարի 20

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Թւում է` ամէն ինչ երէկ էր, բառացիօրէն երէկ: Թէկուզ ահա արդէն երեք տասնամեակ է անցել այն հեռաւոր, բայց եւ այնքան մօտ օրերից: Կարծես թէ ակնթարթ դարձած ժամանակի հեռաւորութեան եւ ոչ մի զգացողութիւն, պատկերների յստակ տեսլական, հոգու ու ոգու պոռթկում` նոյնչափ ուժգին ու նոյնքան համատարած, եսի եւ մենքի զուտ հայեցի համաձուլուածք` ամուր, անքակտելի, մարդկային յորձանքի վարար, ափահան հեղեղ փողոցներում ու հրապարակներում, ամէնուրեք: Փոթորկուել էր Արցախ աշխարհը, եւ նրա հետ` համայն հայաշխարհը. Հայաստան, սփիւռք, Ջաւախք: Միասին: Միահամուռ:

Երիցս ճիշդ էր հին ու անմոռաց բարեկամս, աւաղ, այսօր արդէն լուսահոգի գեղանկարիչ ՌուբԷն Գաբրիէլեանը` ասելով, թէ` ինչքան հեռանում ես բարձր լերան ստորոտից, այնքան աւելի յստակ է ուրուագծւում նրա վեհութիւնը: Այդ մասին անուանի արուեստագէտն ասել էր 88-ի փետրուարից էլ շատ առաջ` Պաքւում, որտեղ երկուսս էլ ապրում էինք: Ասել էր` օրինակ բերելով հայոց բիբլիական լեռը` Արարատն իր Սիս եւ Մասիս գագաթներով: Այդ դիտարկումը,  անշուշտ, յատկանշական է նաեւ մարդկային հանրութեան անցած ուղու նշանակալի իրողութիւններին` ժողովրդի, ազգի, հասարակութեան կեանքում վճռորոշ, բեկումնային դերակատարութիւն ունեցած պատմական անցքերին: Ժամանակի հեռաւորութիւնը երբեք ի զօրու չէ մարդկութեան յիշողութեան մէջ խունացնելու դրանց դիմագիծը: Ընդհակառակը, նոյն այդ յարափոփոխ ժամանակի հոլովոյթին համընթաց, աւելի ու աւելի է ընդգծւում, արժեւորւում հեռու կամ մօտ անցեալում տեղի ունեցածի պատմական նշանակութիւնը:

Հայ ժողովրդի  նորագոյն պատմութեան այդ նշանակալի պատմական իրողութիւններից է ղարաբաղեան շարժումը: Այն, յիրաւի, դարձաւ արցախահայութեան եւ, նրա միջոցով, համայն հայութեան  դարաւոր ազգային-ազատագրական պայքարի հերթական զօրաւոր խթանը` հաստատուն ելակէտ հանդիսանալով քսաներորդ դարավերջի հայոց համազգային վերազարթօնքի համար: Վերազարթօնք, որի նախադէպը մենք ապրեցինք անցած դարասկզբին, երբ օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում 1915թ. ապրիլի 24-ին հերթական անգամ սկիզբ առած ու տակաւին շարունակուող Ցեղասպանութեան ծանրագոյն, աւելի՛ն, օրհասական պայմաններում մեր հերոսական նախնիք խիզախեցին վերածնել ու վերակերտել հայոց ինքնիշխան պետականութիւնը:

Որպէս այդպիսին` ղարաբաղեան շարժումը 1918-1920 թուականների  Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ նոյն տարիներին անկախ վարչաքաղաքական միաւոր հռչակուած,  պետականութեան բոլոր հաստատութիւններով (Ազգային խորհուրդ, կառավարութիւն, բանակ, արդարադատութեան համակարգ եւ այլն) օժտուած ու` նոյնպէս յամառ մաքառումների գնով գոյատեւած Արցախի Հանրապետութեան արժանաւոր ժառանգն էր` առաւել առնական ու իմաստնալի, ազգովի առաւել միակամ ու համախումբ: Ու, փաստօրէն, ղարաբաղեան շարժումն այն անմոռաց ժամանակներում Արցախ աշխարհում ծայր առած ու երբեք չմարած ազատագրական պայքարի տրամաբանական շարունակութիւնն էր:

Ղարաբաղեան շարժումը Հայ դատի, համազգային միւս խնդիրների շուրջ աշխարհասփիւռ հայ  ժողովրդի կուռ համախմբման հզօր կոչնակ էր 20-րդ դարավերջին, որի ղօղանջները սփռուեցին ամէնուրեք` մայր հայրենիքում, հայոց սփիւռքի բոլոր գաղթօճախներում:

Ղարաբաղեան շարժումը, ըստ էութեան, համախոհ գաղափարակիրների զուտ հայկական համաձուլուածք էր` անկախ ամէն մի հայի կեցութեան վայրից, քաղաքական, եկեղեցական  կողմնորոշումներից:

Ղարաբաղեան շարժումը դարեր ի վեր կուտակուած հայոց համազգային ոգու պոռթկումն էր, միասնական կամքի միաձուլման քուրան, ազգի ապահով ու բարգաւաճ ապագան կերտելու եւս մէկ հաւաքական վճռակամութիւնը:

Ղարաբաղեան շարժումն Անթէյի` մարդկութեանը վերապրումի կոչած այն կենարար կրակն էր, որ մշտապէս բորբոք մնաց հայ ժողովրդի իրար յաջորդած սերունդների հոգում ու սրտում` խորհրդանշելով կորուսեալ ազգային պետականութեան վերականգնման,  նախնեաց ժառանգած բնօրրանում` պատմական հայաշխարհում ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի վերակերտման մեր նուիրական իղձն ու երազանքը:

Ղարաբաղեան շարժումը 20-րդ դարավերջի հայոց ազգային խիզախումի Սարդարապատն էր` լինել-չլինելու պատմական երկընտրանքում մեր վերջնական վճիռը,  կենաց ու մահուան մեր յաղթական կռիւը, արդի փոթորկայոյզ աշխարհում հայոց Իններորդ ալիքը:

Ղարաբաղեան շարժման նոր փուլը սկիզբ է առել 1987-ին: Արցախահայութեան ներկայացուցիչները խնդրագրերով մեկնում էին Մոսկուա` ԽՍՀՄ կեդրոնական կուսակցական եւ պետական մարմիններ: Հայաստանի հետ ԼՂԻՄ վերամիաւորման պահանջը բովանդակող հանրագրերի տակ դրուած էր 80 հազար եւ աւելի ստորագրութիւն: Ծաւալուեցին բազմահազարանոց հանրահաւաքներն ու ցոյցերը Հադրութում, Մարտունիում, Ստեփանակերտում, ամէնուրեք: Բայց, անկախ նրանից, թէ շարժման առաջին զանգուածային դրսեւորումները` հանրահաւաքները, ցոյցերն ու երթերը յատկապէս ե՛րբ եւ որտե՛ղ սկիզբ առան, շարժման կիզակէտը  հանդիսացաւ ԼՂԻՄ ժողովրդական պատգամաւորների 20-րդ գումարման Մարզային խորհրդի 1988թ. փետրուարի 20-ի արտահերթ նստաշրջանը, որն ընդունեց որոշում մարզն Ազրպէյճանի կազմից Հայաստանի կազմ տեղափոխելու հարցում Ազրպէյճանական ԽՍՀ, Հայկական ԽՍՀ եւ ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդների առջեւ միջնորդութիւն ներկայացնելու մասին:

Այդ յիրաւի պատմական  որոշումն ընդունուեց Մոսկուայի կեդրոնական եւ Պաքուի հանրապետական իշխանութիւնների ընդգծուած կոշտ ու կոպիտ արգելքի պայմաններում, երբ ամենայն գնով, խտրութիւն չդնելով միջոցների միջեւ,  փորձ էր արւում կասեցնել ու տապալել  նստաշրջանը: Միանգամայն տրամաբանական է, որ հետագայում, հիմք ընդունելով յատկապէս այդ պատմականօրէն ելակետային իրադարձութիւնը,  հէնց փետրուարի 20-ն էլ օրէնսդրօրէն ամրագրուեց որպէս Արցախի վերածննդի օր, որն ահա  տասնամեակներ ի վեր նշւում է որպէս համապետական, նաեւ համազգային տօն:

Դարեր ի վեր Արցախը կարողացել է պահպանել իր ինքնուրոյնութիւնը, եւ միայն 20-րդ դարասկզբի աշխարհաքաղաքական վերադասաւորումների պատճառով է, որ յայտնուել էր օտարների հիւսած սարդոստայնում: Ինչպէս յայտնի է, Ս. Փեթերսպուրկում 1917թ. հոկտեմբերի 25-ին (նոր տոմարով` նոյեմբերի 7-ին) տեղի ունեցած պետական յեղաշրջմանը յաջորդած տարիներին պոլշեւիկները հեռագնայ ծրագրեր ունէին` նախատեսելով յեղափոխական ալիքը տարածել Մերձաւոր Արեւելքում, ու որպէս նախահիմք համարում էին քեմալական Թուրքիան: Եւ առաջին հերթին թուրքերին գոհացնելու համար է, որ Ռուսաստանի պոլշեւիկեան կուսակցութեան Կովկասեան պիւրոն 1921թ. յուլիսի 5-ին ընդունում է որոշում. «… Ելնելով մուսուլմանների եւ հայերի միջեւ խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնից, եւ Վերին ու Ներքին Ղարաբաղի տնտեսական կապերից, Ազրպէյճանի հետ նրա մշտական կապերից, Լեռնային Ղարաբաղը թողնել Ազրպէյճանական ԽՍՀ կազմում` շնորհելով նրան լայն մարզային ինքնավարութիւն…»: Այդ տխրահռչակ որոշումը, փաստօրէն, չունէր եւ ոչ մի իրաւական հիմք, առաւել եւս` ապօրինի էր, քանզի ընդունուել էր  ոչ միայն երրորդ երկրի, այլեւ նոյն այդ երրորդ երկրի ոչ պետական մարմինի` որեւէ իրաւասութիւն չունեցող կուսակցական կազմակերպութեան տարածաշրջանային կառոյցի կողմից:

Այնուամենայնիւ, միջազգային իրաւունքի պատմութեան մէջ այդ աննախադէպ «իրաւական աքթի» պարտադրանքով է, որ Լեռնային Ղարաբաղն ակամայ  յայտնուել  եւ եօթ տասնամեակ շարունակ զրկուած էր մնացել մայր հայրենիքի` Հայաստանի հետ մէկ պետական կառոյցի մէջ միաւորուելու օրինական իրաւունքից: Այդ տասնամեակներում Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի հանդէպ Խորհրդային Ազրպէյճանի հետեւողականօրէն իրագործած խտրական քաղաքականութիւնը, վարչական, իրաւաքաղաքական, պատմամշակութային, ընկերվար-տնտեսական, ժողովրդագրական եւ այլ բնոյթի ճնշումները միտուած էին միայն մի նպատակի. քօղարկուած կամ բացայայտ ձեւերով ու միջոցներով հասնել երկրամասի բացարձակ հայաթափմանը:

Այդ քաղաքականութեան առաջին յատկանշական քայլ դարձաւ ԱդրԽՍՀ կենտգործկոմի 1923թ. յուլիսի 7-ի որոշումն Ազրպէյճանական ԽՍՀ կազմում Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի կազմաւորման մասին, ընդ որում` Արցախի տարածքի ընդամէնը մի փոքր հատուածում, մարզի  վարչական սահմաններից դուրս թողնելով հիւսիսային Արցախն ու Կուր գետի աջափնեայ հայկական բնակավայրերը, որոնք ներգրաւուեցին խառը բնակչութեամբ ձեւաւորուած շրջանների կազմում: Ի լրումն` ամէն ինչ արուեց, որպէսզի ԼՂԻՄ-ն ընդհանուր սահման չունենայ Հայաստանի հետ: Այդ որոշմամբ, իրականում, ոչ թէ լուծուեց, այլ ժամանակաւորապէս սառեցուեց ղարաբաղեան հիմնախնդիրը:

Հետագայ ժամանակաշրջանում կանոնաւոր եւ հետեւողականօրէն ոտնահարւում էին հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու շահերը, արհեստականօրէն կասեցւում մարզի զարգացումը` այն վերածելով  Ազրպէյճանի հումքային ածանցեալի: Դադար չունէին հայկական կոթողների եւ մշակութային արժէքների ոչնչացման ու իւրացման փորձերը: Ամենատարբեր միջամտութիւններով փոփոխութեան էր ենթարկւում մարզի ժողովրդագրական վիճակը` դառնալով հայ բնակչութեան արտագաղթի հիմնական պատճառը: Արդիւնքում, մարզի բնակիչների ազգային յարաբերակցութիւնը զգալիօրէն փոխուեց ի վնաս բնիկ հայութեան. եթէ 1923թ. հայերը կազմել են Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան 94,4 տոկոսը, ապա 1989թ. մարդահամարի տուեալներով հայերի թիւը նուազել է մինչեւ 76,9 տոկոս:

Բնականաբար այդ բոլորը պատճառ դարձան, որ արցախահայութիւնը երբեք չհրաժարուի պատմական արդարութիւնը վերահաստատելու եւ Ազրպէյճանի կազմից մարզի դուրս գալու մտքից, ինչում նա տեսնում էր իր անվտանգ ապագայի միակ երաշխիքը եւ երբեմնի հայկական Նախիջեւանի դառը ճակատագրից խուսափելու հնարաւորութիւնը:

Այնպէս որ, ղարաբաղեան շարժումն անխուսափելի էր: Արտաքին բարենպաստ պայմանների պարագայում այն, գուցէեւ նոյնպիսի ուժգնութեամբ ու յաջողութեամբ, կարող էր պոռթկալ անցեալ դարի 30-40-ական թուականներին, 60-ական թուականների կէսերին, երբ հրապարակ եկան  մարզի մտաւորականութեան յայտնի «13-ի նամակը», բնակչութեան բազմահազարանոց հանրագրերը` ուղղուած Մոսկուային: Ինչպէս յայտնի է, արցախահայութիւնը եւ Հայկական ԽՍՀ իշխանութիւնները Ղարաբաղն Ազրպէյճանական ԽՍՀ-ին փոխանցելու որոշումը վերանայելու խնդրանքներով քանիցս դիմել էին ԽՍՀՄ կեդրոնական իշխանութիւններին, որոնք անտեսուել են կամ` մերժուել, պատճառ դառնալով նախաձեռնողների հանդէպ կիրառուող հալածանքների: Նշուած դիմումների թւում են Հայկական ԽՍՀ կառավարութեան եւ հանրապետական Կոմկուսի կենտկոմի 1945թ. դիմումը ԽՍՀՄ կառավարութեանը եւ ԽՄԿԿ կենտկոմին, 1963թ. ԼՂԻՄ ազգաբնակչութեան աւելի քան 2,5 հազար, իսկ 1965թ. աւելի քան 45 հազար ստորագրութեամբ նամակները` հասցէագրուած ԽՍՀՄ ղեկավարութեանը, 1977թ. ԽՍՀՄ նոր սահմանադրութեան համաժողովրդական քննարկումների շրջանակում ԼՂԻՄ աշխատանքային անձնակազմերի առաջարկութիւնները: Բայց խորհրդային բռնապետութեան այդ ժամանակներում անհնար էր ակնկալել կեդրոնական իշխանութիւնների հանդուրժողական վերաբերմունքը համաժողովրդական կամքի ազատ արտայայտութեան նկատմամբ:

Եւ միայն 80-ական թուականներին քաղաքական վարչակարգի ազատականացման պարունակում էր, որ արցախցիները, կորպաչովեան «վերակառուցման եւ հրապարակայնութեան» գաղափարախօսութիւնն ընկալելով իբրեւ անցեալի սխալները շտկելու հնարաւորութիւն, յոյս ունենալով, որ ազգամիջեան յարաբերութիւններում գործնական կիրառում կը գտնեն միջազգային իրաւական օրէնքները եւ հիմնահարցը կարող է ժողովրդավարական լուծում ստանալ, 1988թ. վերստին բարձրացրին ԼՂԻՄ-ը Հայկական ԽՍՀ հետ վերամիաւորելու հարցը: Ընդ որում` հարցը բարձրացուել էր զուտ ժողովրդավարական ճանապարհով` մամուլի հրապարակումների, հանրագրերի, խաղաղ հանրահաւաքների ու  երթերի միջոցով: Իսկ Ազրպէյճանի կազմից Լեռնային Ղարաբաղի դուրս գալու մասին բուն որոշումն ընդունուել էր բացարձակապէս իրաւական ճանապարհով, ԽՍՀՄ եւ միջազգային համընդհանուր կանոնների շրջանակներում: Միեւնոյն ժամանակ, Խորհրդային Միութեան մէջ, փաստօրէն,  առաջին անգամ իշխանութիւնը հանդէս եկաւ որպէս իրական ժողովրդապետութեան մարմին եւ, ըստ էութեան, Լեռնային Ղարաբաղում այդպիսով իսկ բարձրացուեց խորհրդային պետական համակարգի արմատական բարեփոխման խնդիր: Սակայն, ցաւօք, խորհրդային իշխանութիւնը չկարողացաւ աւելի ազատական, աւելի ժողովրդավար լինել, քան հռչակուած էր պաշտօնապէս:

1989թ. դեկտեմբերի 1-ին Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը եւ ԼՂԻՄ Ազգային խորհուրդը,  «հիմնուելով ազգերի ինքնորոշման համամարդկային սկզբունքների վրայ եւ արձագանգելով հայ ժողովրդի` բռնութեամբ տարանջատուած երկու հատուածների վերամիաւորման օրինական ձգտմանը», համատեղ նիստում ընդունեցին որոշում` Հայկական ԽՍՀ եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին: Անյապաղ հետեւեց Ազրպէյճանի ղեկավարութեան արձագանգը. սկիզբ առաւ սադրիչ գործողութիւնների մի նոր ալիք` օգտագործելով ազրպէյճանական իշխանութիւնների ազդեցութեան ներքոյ գտնուող յատուկ շրջանի պարետատունը եւ ԽՍՀՄ ներքին զօրքերը:

Անշուշտ, հետագայում որոշակի սրբագրումներ  կատարուեցին Հայաստանի հետ Արցախի վերամիաւորման խնդրի իրացման ռազմավարութեան մէջ, որդեգրուեց անկախ պետականութեան ստեղծման ուղեգիծ, ինչն արուեց արտաքին քաղաքական հանգամանքների պարտադրանքով: Մոսկուայում 1991թ. տեղի ունեցած օգոստոսեան խռովութիւնն արագացրել էր Խորհրդային Միութեան` որպէս միասնական միութենական պետութեան փլուզումը: Արդէն օգոստոսի 30-ին Ազրպէյճանն իրեն հռչակեց 1918-20թթ., այսպէս կոչուած, Ազրպէյճանի Դեմոկրատական Հանրապետութեան իրաւայաջորդ, ինչը, փաստօրէն, նշանակում էր հրաժարում ԽՍՀՄ սահմանադրութիւնից եւ միութենական պայմանագրից: Դա նաեւ նշանակում էր, որ Ազրպէյճանը կամաւոր հրաժարւում է ԽՍՀՄ սահմանադրութեան իրաւական ուժով Լեռնային Ղարաբաղի հանդէպ պետական իշխանութիւն իրականացնելու իրաւունքից: Հիմք ընդունելով այդ իրողութիւնը` 1991թ. սեպտեմբերի 2-ին հռչակուեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, ինչը համաժողովրդական հաւանութեան արժանացաւ նոյն թուականի դեկտեմբերի 10-ին անցկացուած  հանրաքուէի միջոցով:

Պաքուն, սակայն, գերադասեց առճակատման ուղին: Խաղաղ հանրահաւաքներին հակադարձուեց Ազրպէյճանի պետականակիր ժողովուրդներից մէկի` հայ ազգաբնակչութեան նկատմամբ միջնադարեան մոլեռանդութեամբ իրականցուած ցեղասպան ոճրագործութիւնների շարքը` Սումկայիթում, Պաքւում, Գանձակում,  այլ հայաշատ բնակավայրերում: Շարժման առաջին տարիներին Ազրպէյճանը, Մոսկուայի իշխանութիւնների թողտուութեամբ եւ զինական աջակցութեամբ,  փորձեց պետական մակարդակով ցեղային զտումներ իրականացնել եւ վերջնականապէս հայաթափել Արցախը («Օղակ» ռազմագործողութիւն): 1991-94թթ. Արցախի Պաշտպանութեան բանակը, համալրուած լինելով Հայաստանից եւ սփիւռքից կամաւորագրուած հայրենանուէր հայորդիներով, յաջողութեամբ կասեցրեց Ազրպէյճանի զինուած յարձակումը եւ կարողացաւ պաշտպանել հանրապետութեան բնակչութեան անվտանգութիւնը: Մայր Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ հնարաւորինս մեղմացուեց  առաջացած մարդասիրական ճգնաժամը:

Ղարաբաղեան շարժման գլխաւոր յատկանիշներից մէկը, անշուշտ, նրա համաժողովրդական բնոյթն էր: Քանզի ամբողջատիրական պետական համակարգում միայն այդ կերպ կարելի էր հասնել  ազգային շահերի ու ձգտումների իրականացմանը:

Եւ ապա` ղարաբաղեան շարժումը միանշանակ  ինքնակազմակերպուած էր ու  համակարգուած: Չունենալով  ընդօրինակման նախադէպ` արցախահայութեանը  յաջողուեց բոլոր քայլերը կատարել օրինականութեան ու ողջախոհութեան շրջանակներում` այդ պահին գործող օրէնսդրութեան եւ միջազգային իրաւունքի ու կանոնների պահպանմամբ:

Այնուհետեւ ղարաբաղեան շարժումը ճշգրիտ եւ ամուր հիմքեր է ստեղծել հետագայ բոլոր ձեռքբերումների համար: Այն հասունացել եւ աստիճանաբար վերակազմաւորուել է որպէս ինքնիշխան պետականութիւն, ինչը թոյլ է տուել ամենադժուարին պայմաններում կառավարման արդիւնաւէտ ու ճկուն համակարգի միջոցով ժողովրդի համար կենսական ու սկզբունքային հիմնախնդիրների լուծումներ գտնել: Դրա շնորհիւ` յաջողուել է անհամեմատ կարճ ժամանակահատուածում եւ նուազագոյն ցնցումներով, ընդ որում`  յենուելով բացառապէս ժողովրդի կամքի ազատ արտայայտման վրայ, ձեւաւորել իշխանութեան լիարժէք հաստատութիւններ եւ մշտապէս կատարելագործել դրանք: Արդէն 1991թ. դեկտեմբերին պետական իշխանութեան բարձրագոյն մարմինի` ԼՂՀ 1-ին գումարման Գերագոյն խորհրդի եւ վերջինիս հաշուետու` կառավարութեան, հետագայում, պատերազմական իրավիճակի հրամայականով թելադրուած` Պաշտպանութեան պետական կոմիտէի ձեւաւորումն Արցախի անկախ պետականութեան կայացման փուլային դրսեւորումներն էին: Հանրային եւ պետական կառավարման մարմինների գործունէութեան բնականոն զարգացումները, իրաւաքաղաքական հանգամանքների կայուն տինամիքան արդէն 1994թ. յանգեցրին իշխանութեան թեւերի տարանջատմանը, ինչը վերջնականօրէն ամրագրուեց 2006թ. դեկտեմբերի 10-ին ընդունուած առաջին սահմանադրութեամբ, ապա եւ նոր, բարեփոխուած սահմանադրութեամբ, որ դարձեալ համաժողովրդական քուէարկութեամբ հաւանութեան արժանացաւ անցեալ տարուայ փետրուարի 20-ին Արցախի վերածննդի 29-րդ տարեդարձի տօնական օրը:

Փորձեմ ամփոփել խօսքս: Ղարաբաղեան շարժման եւ, առանձնապէս, նրա կիզակէտի` փետրուարի 20-ի խորհուրդն Արցախի հայեցի գոյատեւման ու  յարատեւման մէջ է, Հայ դատի, հայոց ազատ ու անկախ, միացեալ պետականութեան վերականգնման, կայացման, հզօրացման, համազգային այդ գերխնդիրներին ուղղուած   համայն հայ  ժողովրդի միասնական ջանքերի, մեր համախումբ վճռակամութեան մէջ:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

 

Ընտրական Քրոնիկ. Ինչո՛ւ Դաշնակցութեան Քուէարկեմ

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ Ք.

Նախընտրական շրջան է Լիբանանի մէջ: Քաղաքացիներ հաւանաբար «պատճառներ» կ՛ունենան երկընտրանքի առջեւ գտնուելու` ցանկի կամ թեկնածուի մը թեր կամ դէմ կողմնորոշուելու համար:

Ենթադրելի է, որ այդ «պատճառներուն» մէջ գերակշռողը քաղաքացիին առօրեային առնչուած խնդիրներ են: Թէ` թեկնածու առաջադրուած երէկի  քաղաքական գործիչը իր պաշտօնավարութեան ընթացքին որքա՞ն յարգած է իր խոստումները եւ` աշխատած, որ ապահովուին քաղաքացիի ամէնօրեայ անհրաժեշտ կարիքները (ջուր, ելեկտրականութիւն, աղբահաւաքում, առողջապահական մարզի բարելաւում, թանկացման առաջքն առնել եւ այլն, եւ այլն):

Առօրեայէն դժգոհ քաղաքացին նո՛րը   կը փնտռէ, նոր թեկնածուներու կապուած նոր յոյսեր կը սնուցանէ, ապա նախորդ անգամներու պէս նոր յուսախաբութիւններ կ՛ապրի:

Ահա այս հոգեբանութեամբ կ՛առաջնորդուի պարզ քաղաքացին եւ ընդհանրապէս յուսախաբ կ՛ըլլայ:

Իսկ լիբանանահայը, իր առօրեայ մտահոգութիւններուն կողքին, ունի նաեւ ազգային-գաղութային առաջնահերթութիւններ, որոնց դիմաց երկընտրանքը պարզապէս աւելորդ պերճանք է, որովհետեւ քուէարկութիւնը թէեւ համալիբանանեան է, բայց յատկապէս այս անգամ ընտրութիւնը փաստօրէն համայնքային բնոյթ ունի: Այս մասին կասկած չի ձգեր նոյնինքն ընտրական օրէնքը: Կը հետեւի ուրեմն, որ հայ քուէարկողը իր քուէն պիտի տայ  հա՛յ թեկնածուին: Բայց ո՞ր հայ թեկնածուին…

Հայ թեկնածուները շատ են: Անոնցմէ ոմանք` թարմ դէմքեր: Ուրիշներ` իրենց ասպարէզին մէջ համբաւ նուաճած հանրածանօթ անուններ: «Բայց ես իմ քուէս պիտի տամ Դաշնակցութեան թեկնածուին», պիտի կողմնորոշուի լիբանանահայը մանաւանդ ա՛յս ընտրութիւններուն: Ինչո՞ւ:

Այս հարցումին պատասխանելէ առաջ ընդունինք, որ ներկայ ընտրական օրէնքին յետին ծալքերուն մէջ, յստակ չէ` գիտակցաբար թէ ակամայ, փոքր համայնքները տկարացնելու, խորհրդարանին մէջ անոնց ներկայացուցչութեան միասնութիւնը հարուածելու միտում կը նշմարուի: Կը դժուարացնէ օրինակ, որ հայ համայնքը խորհրդարանական միաձոյլ խմբակցութիւն (պլոք) ունենայ: Կարճ` օրէնքը նպաստաւոր է մեծ համայնքներուն եւ վնասակար` փոքրերուն:

Աստուած գիտէ` ապագայի համար ինչ-ինչ հաշիւներով… Արդէն առաջին ժխտական նախանշանը մէջտեղն է. հայ համայնքին պատկանած ըլլալու հանգամանքով անհատներ թեկնածու դարձած են այն յոյսով, որ թերեւս կ՛օգտուին օրէնքի անկատարութեան ընձեռած պատեհութենէն: Պարզապէս` պատեհապաշտութի՜ւն… Անոնց հոգն իսկ չէ, որ հայկական քուէները պիտի տարտղնուին, վաղը կը տարտղնուին նաեւ խորհրդարանին մէջ, որով եւ լիբանանահայութիւնը  շատ բան կը կորսնցնէ իր քաղաքական ու համայնքային կշիռէն:

Գիտենք. ամէն քաղաքացիի իրաւունքն է թեկնածու առաջադրուիլ եւ իր «բախտը» փորձել:

Ամէն քուէարկող հայու իրաւունքն է նոյնպէս  հարց տալ եւ իրազեկուիլ, թէ տուեալ թեկնածուն ի՛նչ ձեւի ու որակի առնչութիւններ ունի լիբանանահայութեան ազգային-համայնքային կեանքին հետ:

Ոչ հայ քուէներու զգալի նպաստով եւ հայկական համայնքին իրաւունքով անցեալ տարիներուն ալ ունեցած ենք հայ երեսփոխաններ, որոնց ձայնը օր մը օրանց լսուա՞ծ է արդեօք, որ վճռական ու անտեղիտալի պաշտպանած ըլլան հայութեան շահերը:

Այս հարցումին արձագանգն է միայն, որ պիտի յամենայ օդին մէջ` առանց պատասխանի…

Գիտենք նաեւ, որ անցնող տարիներուն հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան ամբողջ ծանրութիւնը շալկողը եւ անունը արժեցնողը միայնակը դաշնակցական երեսփոխանը եղաւ…

Ուրեմն, «Դաշնակցութեան պիտի քուէարկեմ ես», որովհետեւ`

1) Լիբանանահայ իրականութեան մէջ ամէնէն կազմակերպ ու ժողովրդանուէր կուսակցութիւնն է ան, որ կը ծառայէ միա՛յն ու բացառապէ՛ս հայութեան շահերուն: (Ուշադրութի՛ւն. խօսքը չի վերաբերիր անհատ դաշնակցականներուն: Գիտեմ, որ անոնցմէ ոմանց խոտորումները հիասթափութիւն կը պատճառեն յաճախ): Ինծի համար Դաշնակցութիւնն է այն կուսակցութիւնը, որ քուէներու բացարձակ առաւելութիւնը ստանալով` պիտի չէզոքացնէ ընտրական օրէնքին ժխտական երեսը եւ խորհրդարանին մէջ պիտի կարենայ կազմել հայկական երեսփոխանական խմբակցութիւն` ի պաշտպանութիւն համայնքային իրաւունքներուն:

2) Աւելի քան անհրաժեշտ կը նկատեմ, որ մեր համայնքը Լիբանանի խորհրդարանին մէջ ունենայ ինքնուրոյն խմբակցութիւն մը (երեսփոխանական պլոք), որ Դաշնակցութեան հետ գործակցաբար եւ իրերօգնութեամբ կարենայ ունենալ հաշուառելի  վարկանիշ, կշիռ ու քաղաքականութիւն:

3) Կը մերժեմ քուէ տալ թեկնածուներու, որոնք  իբրեւ սոսկական երեսփոխան պիտի արժեն այնքան միայն, որքան որ այս կամ այն խմբակցութեան քուէն պիտի աւելցնեն:

4) Ինքզինքս, համայնքս եւ քուէս պիտի արժեցնեմ` քուէարկելով արժանաւորի ցանկին, Դաշնակցութեան թեկնածուներուն…

Ահա պատասխանը, թէ լիբանանցի հայը ինչո՛ւ Դաշնակցութեան պիտի քուէարկէ…

 

 

Ակնարկ. Եթէ Հարկը Զգացուի` Ամէն Գնով

$
0
0

Համաշխարհային լրատուամիջոցներու հետեւողներ կրնան կազմել այն արագ տպաւորութիւնը, որ համաշխարհային պատերազմի նախաշեմին կը գտնուի երկրագունդը: Սպառնալիքները  եւ որոշ առումներով Սուրիոյ ուղղութեամբ զինուժի նախապատրաստական տեղաշարժները այդ տպաւորութիւնը կը ստեղծեն:

Միաժամանակ սակայն արդէն դիտուածի (տէժա վիւ) տեսութիւնը կը շրջագայի հետեւողներու մտապատկերին մէջ, պարզ այն տրամաբանութեամբ, որ նման փոխսպառնական հռետորութիւն, նոյնիսկ անոնց հետեւած հարուածներ մնացած են սահմանափակ, առանց տեղի տալու համընդգրկուն բռնկումներու:

Առանց հասցէականացնելու քիմիական զէնքի օգտագործումը կամ պահ մը շրջանցելով անոր պատրուակային հանգամանքի օգտագործման վարկածը, նկատենք, որ Աֆրին-Ղութայի դիմաց գործողութիւններու աւարտին լարուածութեան գագաթ կը նուաճէր ռուս-ամերիկեան լարուածութիւնը` կարմիր գիծեր հատելու եւ համարժէք պատասխաններ տալու սպառնական խոստումներով:

Այս բոլորով հանդերձ, ո՛չ միայն հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ, այլ ընդհանրապէս հանրային կարծիքի որոշ հատուած համոզուած է, որ  պատերազմը առաւելաբար ունի հռետորաբանական-տեղեկատուական բնոյթ եւ առաւելագոյն պարագային տեղի կ՛ունենայ սահմանափակ գործողութիւններու շրջանակի մէջ:

Առ այժմ, երբ չկայ խաղաղութեան մեծ համաձայնութիւն, ընդհանուր միտումը պատերազմի անընդհատ ձեւափոխումներով շրջանը թէժ վիճակի մէջ պահելու համակողմանի վարքագիծերով կ՛ընթանայ: Այսպէս է, որ սուրիական ուժեր-ընդդիմութիւն, ապա Իսլամական պետութիւն եւ ընդհանրապէս ահաբեկչութիւն ընդդէմ սուրիական ուժերու ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի, ապա թուրք-քրտական հակամարտութիւն, հիմա ալ ռուս-ամերիկեան համաշխարհային լարուածութիւն` անընդհատ ձեւափոխումներու կ՛ենթարկուի պատերազմը:

Գերտէրութիւններու միջեւ կայ ընդհանուր հասկացողութիւն` շրջանը լարուած, թէժ եւ պատերազմական վիճակի մէջ պահելու: Պատերազմներու ձեւափոխումներով ըստ էութեան նոյն մթնոլորտն ու իրավիճակը պահպանելու:

Հաւանաբար  տարիներէ ի վեր ընթացող իրադարձութիւններու այս համայնապատկերն է, որ հետեւողին քաղաքական ենթագիտակցութեան մէջ արմատաւորած է այս իրավիճակի երկարատեւութիւնը, հետեւաբար նաեւ` ոչ յայտարարուած մեծ պատերազմի բռնկումի հաւանականութիւնը:

Իրադրութիւնները ընդհանուր վերահսկողութենէն դուրս չբերելու ոչ պաշտօնական որոշումներու համոզումը կը թեւածէ շրջանին մէջ, ուր ահազանգային վիճակ չկայ, հակառակ սարսափազդու յայտարարութիւններուն:

Ենթագիտակցական այս մղումներով է հաւանաբար եւ ոչ անպայման քաղաքական վերլուծաբանութեան հիման վրայ յստակ եզրայանգումներով, որ Լիբանանի մէջ եւս կեանքը կ՛ընթանայ իր բնականոն հունով: Բնականոն հուն, ո՛չ միայն աշխարհագրականօրէն շատ անմիջական միջավայրի մէջ գերտէրութիւններու միջեւ խոստացուող պատերազմի հաշուարկ կատարելու հրամայականները անտեսելով, այլ նաեւ բոլոր կանխածրագրուած հանգրուաններուն ընդառաջ երթալով:

Խօսքը ուղղակիօրէն կը վերաբերի այս պարագային խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Եւ եթէ ոմանց պարագային առաջնահերթութիւնը ընտրարշաւներու ապահոված թափէն չզիջելու եւ քուէահաւաքի աշխատանքները չչէզոքացնելու անհրաժեշտութիւնն է, մեր պարագային կը գերակշռէ հակախուճապային մօտեցումը, իրադարձութիւններու քաղաքական ընթերցումի հիման վրայ կանխատեսումնային եզրակացութիւններ կատարելը եւ հանգիստ մթնոլորտի մէջ թեկնածուներ-ընտրազանգուած երկխօսութիւնը շարունակելը:

Հակախուճապայինը միշտ գերակշռած է մեր մօտ: Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ կարելի չէ բացառել նաեւ այս պարագային մեր անմիջական հարեւանութեամբ ռազմական գործողութիւններու սաստկացման հաւանականութիւնը: Իսկ նման իրավիճակներու մէջ մեր ժողովուրդը շատ արագ կը կատարէ յիշողութեան ինքնաթարմացում,  վերստին  նկատելու համար, թէ ճգնաժամի մէջ, ո՛վ, ի՛նչ փորձառութեամբ եւ ի՛նչ նուիրուածութեամբ տենդագին կը լծուի աշխատանքի պահպանելու համայնքի անվտանգութիւնը, անդորրութիւնը, ֆիզիքական գոյութիւնը:

Հայապահպանում, համայնքի  իրաւունքներու պաշտպանութիւն, կազմակերպ կեանքի զարգացում, հայկական դպրոցի, եկեղեցւոյ, ընտանիքի, հայերէնախօսութեան ուղղութեամբ անտեղիտալի սկզբունքներ եւ առաջադրանքներ. բայց նաեւ, ի պահանջել հարկին, եթէ հարկը զգացուի` գոյութեան պաշտպանութիւն: Ամէ՛ն գնով:

«Ա.»

Իմ Հերոսը

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ապրիլ ամիսը տրտում եւ տխուր յիշատակներ կը վերապրեցնէ, որովհետեւ արդի համաշխարհային պատմութեան մէջ ապրիլ ամիսը կը ներկայացնէ անցեալ դարու առաջին` Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը:

Այս անպատիժ մնացած Ցեղասպանութիւնը դուռը բացաւ այլ ցեղասպանութիւններու. իբրեւ մարդկային տարրական յարգանք` պէտք է պահ մը կանգ առնենք, թէկուզ մէկ անգամ յիշենք` խոնարհելով հրեաներու, Քամպոտիայի եւ Ռուանտայի ցեղասպանութեանց զոհերու յիշատակին առջեւ:

Հայոց ցեղասպանութենէն մօտ վաթսուն տարի ետք սփիւռքահայութիւնը անգամ մը եւս ցնցուեցաւ ապրիլ ամսուն, երբ Լիբանանի մէջ սկսաւ երկար եւ ահաւոր «քաղաքացիական պատերազմը»: Տակաւին Հայոց ցեղասպանութենէն յիշատակները շատ մը տարեցներու միտքէն չէին մաքրուած, երբ արդէն պատերազմի եւ տարագրութեան ուրուականը պատեց Լիբանանի երկինքը:

Հայութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ համայնքներ, երբեք պատրաստ չէին դիմագրաւելու այս մղձաւանջը: Համայնքային անհանդուրժելիութիւնը ընդհանրացաւ, խլրտումները վերածուեցան զինեալ բախումներու, իսկ զինեալ պայքարը վերածուեցաւ պատերազմի:

Անշուշտ հայութիւնը այն քիչ համայնքներէն էր, որ բախտաւորուած էր իր պատմական-ազգային կուսակցութիւններով, որոնք իսկոյն կազմակերպուեցան եւ կարճ ժամանակի մէջ թաղային պաշտպանութեան եւ երիտասարդներու զինավարժութեան ձեռնարկեցին: Ծանր էր կացութիւնը: Հայութիւնը քաղաքին մէջ մեծ զանգուած մըն էր, բայց հեռաւոր շրջաններու մէջ ալ բազմաթիւ հայեր կը բնակէին: Նոյնիսկ հայաւան Պուրճ Համուտը խիստ վտանգուած էր իր յարակից «վտանգաւոր» աւաններուն պատճառով: Զինեալ սուր բախումներու հետեւանք էր Պէյրութ քաղաքի բաժանումը երկուքի` արեւելեան եւ արեւմտեան բաժիններու:

Ահռելի դժուար ու վտանգաւոր էր կացութիւնը, որովհետեւ այս քաղաքացիական կամ եղբայրասպան կոչուած պատերազմը տխուր նորութիւն մըն էր ամբողջ շրջանին համար:

Այդ ատեն ես, ինչպէս նաեւ ինծի պէս փոքր պատանիներ, տասը տարեկանը նոր ամբողջացուցած, մօտէն կը փորձէինք մտիկ ընել մեր ծնողներուն, բարեկամներուն, ազգականներուն խօսակցութիւնները` ջանալով բան մը հասկնալ, եթէ կարելի էր հասկնալ:

Հայկական ակումբները սկսան դասախօսութիւններ կազմակերպել` ժողովուրդը տեղեկացնելու, իրազեկ պահելու այս նոր իրավիճակին մասին, ինչպէս նաեւ դրամահաւաք կատարելու` զէնք եւ զինամթերք ապահովելու, նաեւ ակումբ հրաւիրելու ատակ երիտասարդները զինավարժութեան դաստիարակութեան` նպատակ ունենալով պաշտպանել հայ համայնքը: Շատ կարճ ժամանակուան մէջ դրամահաւաքը կատարուեցաւ, մեր վեհ տղաքը ընդառաջեցին ազգին խնդրանքին, եւ ակումբները դարձան զօրանոցներ:

Չէք կրնար երեւակայել այն հմայքը, երբ մանուկ հասակիս կը տեսնէի հայ զինեալ երիտասարդը.  ինծի համար ան մարմնացումն էր հայ հերոսի, թէեւ` աշխարհագրական ամբողջովին տարբեր տուեալներով, բայց ան վստահաբար  հայապաշտպան ներկայի ֆետային էր:

Այդ օրերուն երբեմն կը լսէինք հայ երիտասարդ զինեալի մը քաջագործութիւնը: Ան կը դառնար ինծի նման պատանիներու ներշնչումի, հպարտանքի եւ ուրախութեան աղբիւր: Անհամար էին հայ քաջ տղաքը: Բայց հերոսներուն հերոսը, տիպարներուն տիպարը «առաջին» նահատակն էր, յիշատակը անթառամ, շիրիմը լուսաւոր, վաստակաւոր եւ անմահ հերոս ընկեր Սերժ Թովմասեանին: Սերժիկը, ինչպէս ճանչցուած էր, եկած էր հեռաւոր Պարսկաստանէն` ծառայելու, օգտակար դառնալու, մարզելու, զինավարժութիւն սորվեցնելու հայ երիտասարդներուն: Ազգին ծառայութեան համար ան տոգորուած էր ամենավտիտ եւ ամենաբիւրեղ զգացումներով: Դժբախտաբար վաղ երիտասարդ տարիքին, երբ ան կը մարզէր խումբ մը տղաք, յանկարծ ռումբին սլաքը աշխատեցաւ, եւ հերոս Սերժիկը` նախատեսելով բազմաթիւ աշակերտներու կեանքի կորուստը, փաթթուեցաւ ռումբին` նահատակուելով, բայց փրկելով իր ընկերները:

Ահաւասիկ աւելի քան քառասուն տարի ետք այդ հերոսական արարքէն, երբ նստած գրասեղանիս առջեւ` կը փորձեմ յիշատակներս թուղթին յանձնել, տակաւին աչքերս կը թրջուին` յիշելով վսեմ մաքրամաքուր ընկեր Սերժիկը: Անշուշտ բառերը կը պակսին արտայայտելու խոնարհանքի եւ փառաբանանքի յորդաբուխ զգացումներս: Ընկե՛ր Սերժիկ, դուն եղար իմ հերոսը, դուն եղար մեր բոլորին հերոսը, ջահակիրը ներկայ նահատակներու:

Կեանքին մէջ ի՞նչ կայ աւելի մեծ բան, քան` ազգիդ համար զոհաբերումը կամ նահատակ դառնալը:

Տարիներ ետք դուն էիր ներշնչումը բազմաթիւ հայ ֆետայիներու, կոչենք զանոնք մարտիկներ թէ տեռորիստներ, մեզի համար անոնք կը մնան հայ հերոսներ:

Մեր ազգը հարուստ է հերոսներով. քաղաքացիական պատերազմները մեզ չեն վախցներ: Երէկ Լիբանան, այսօր` Սուրիա, հզօր ենք մենք անձնուէր երիտասարդներով, Սերժիկն էր առաջնորդը, բայց բիւրաւոր էին հետեւողները:

Եթէ մենք այսօր կանք իբրեւ ազգ, իբրեւ անկախ հայրենիք, ազատագրուած Արցախ, վստահաբար, անտարակոյս կը պարտինք այս ամէնը մեր Սերժիկին նման անհամար հերոսներու:

Յիշելով հատուած մը մեր ազգային քայլերգէն` Միքայէլ Նալբանդեանի խօսքերով.

«Ամենայն տեղ մահը մի է
Մարդ մի անգամ պիտ մեռնի,
Բայց երանի, որ իւր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի»:

Յարգա՛նք ձեր մայրերուն, յարգա՛նք ձեր հայրերուն, մեր նահատա՛կ եղբայրներ, դուք զոհուեցաք, որ մենք ապրինք, ապրինք ազատ, ապրինք հայօրէն:

 

«Արդէն Ուշ Էք…»

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Պահրէյնի թագաւորութեան գիրքի միջազգային տասնութերորդ ցուցահանդէսը ունեցաւ բաւական յատկանշական դրուագներ: Նախ` Պահրէյնի Մուհարաք քաղաքը հռչակուած է 2018 տարուան Իսլամական մշակոյթի մայրաքաղաք: Ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ մարտ 28-էն մինչեւ 7 ապրիլ  2018, նոյն քաղաքին մէջ եւ նուիրուեցաւ իսլամական մշակոյթին: Բայց կար նաեւ Աստուածաշունչի ընկերութեան մեր մասնակցութիւնը` պետական ու պաշտօնական հրաւէրով եւ աւելի քան չորս հարիւր հրատարակչատուներու կողքին, որոնք կու գային մօտաւորապէս քսանհինգ տարբեր երկիրներէ: Աստուածաշունչի ընկերութեան մասնակցութիւնը կը դառնար միակ քրիստոնէական ներկայութիւնը, որ կու գար ապացուցելու շրջանին մէջ մէկ կողմէ ներկայութիւն, բայց նաեւ` անհրաժեշտութիւն:

Տաղաւարին վրայ կար աստուածաշունչերու մեծ հաւաքածոյ մը` գլխաւորաբար արաբերէն լեզուով, նկատի ունենալով, որ ցուցահանդէսին մեծ տոկոսով կը ներկայացուէին արաբերէն լեզուով հրատարակութիւններ, բայց նաեւ կային պատմական-բացատրական ցուցակներ: Ցուցակները կ՛ընդգրկէին արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով Աստուածաշունչի պատմականը, բայց նաեւ` անոր ընկերա-մշակութային կեանքին մէջ մեծ ներդրումը: Ցուցահանդէսի բացման օրը, երբ պահրէյնցի երիտասարդ տղոց հետ կը ներկայացնէի ցուցահանդէսի բովանդակութիւնը, Խալետը ըսաւ. «Պահրէյնի համար մեծ հպարտութիւն է, որ դուք հոս էք` մեր մէջ: Այս մէկը ցոյց կու տայ մեր երկրին բազմակրօն եւ բազմամշակութային կազմուածքը եւ ներդաշնակութիւնը: Ներկայ օրերուն որքա՜ն անհրաժեշտ է, որ մարդիկ առիթ ունենան բացուելու աշխարհին եւ ճանչնալու զիրար»: Ան նաեւ ըրաւ կատակ-հաստատում մը: Եթէ դէմքին վրայ կար քմծիծաղ`«չարաճճի» խառնուածքով, ատոր ետին կը տեսնէի իրագործուելիք մարտահրաւէր. «Յուսամ շուտով նաեւ մուտք կը գործէք Սէուտական Արաբիա»:

Չեմ գիտեր` պահրէյնցի Խալետին եւ Սալեհին միջեւ որեւէ առնչութիւն կա՞ր, թէ՞ պարզապէս պատահականութեան արդիւնք էր: Սալեհը կու գայ Սէուտական Արաբիայէն: Տեսած էր մեր տաղաւարը ցուցահանդէսի բացման օրը, բայց չէր մօտեցած` տեսնելով, որ զբաղած էինք: Բայց որոշած էր անպայման հանդիպիլ: Շաբթուան ընթացքին ան մօտեցաւ մեզի: Սալեհը երիտասարդ մըն է, որուն մասնագիտութիւնը եւ ասպարէզը կ՛ընդգրկէ տեղեկատուութեան աշխարհը` իր տարբեր ենթաբաժանումներով: Յստակ էր, որ իր երիտասարդական ներշնչումով կ՛ուզէր խօսիլ, իմանալ, բայց նաեւ` ծանօթանալ: Ծանօթացումը պիտի ընդգրկէր նաեւ «ուրիշ»-ը, եւ իր պարագային` ոչ իսլամը: Հարցումներ ուղղեց Աստուածաշունչի բովանդակութեան մասին, եւ շուտով անդրադարձայ, որ հետը շատ հաճելի խօսակցութեան մը մէջ մտած էի: «Այս խօսակցութիւնը քու հետդ Աստուածաշունչի այս յարկին տակ ասկէ առաջ չէի կրնար ընել»,- ըսաւ ան:- Մեզի համար անընդունելի էր: Բայց հիմա շատ բան փոխուեցաւ, եւ այլեւս չենք ուզեր, որպէս սէուտցիներ, մեր գոց պատեանին մէջ ապրիլ»:

Սկսած էի տեսնել, թէ կը խօսիմ երիտասարդի մը հետ, որ կ՛ուզէ աշխարհին բացուիլ: Եւ այդ աշխարհին մէջ ան կ՛ուզէ տեսնել, թէ կան նաեւ մարդիկ, որ «իրեն» պէս չեն, տարբեր են, բայց որուն հետ կարելի է նաեւ «ապրիլ»: «Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցած բոլոր ներկայի բարեկարգութիւնները իրական են: Մենք հիմա սկսանք աշխարհին բացուիլ», ըսաւ ան:

Սալեհին ըսի, որ հայ եմ եւ լիբանանցի: «Երեւանը շատ գեղեցիկ քաղաք է», ըսաւ ան: Եւ հոս աւելցաւ մէկ նոր զմայլելի իրականութիւն մը` մեր արդէն իսկ շատ հետաքրքրական հանդիպումին վրայ:

Սալեհը երկու անգամ այցելած էր Հայաստան: Ան սիրած էր Հայաստանը եւ սիրահարած` Արարատին: Իր սէրը եւ սիրահարութիւնը մղած են զինք սերտելու հայուն պատմութիւնը: « Ձեր կեանքը շատ դժուար եղած է», ըսաւ ան:

Սալեհը կը գիտակցի, որ Հայաստանը շատ կարողականութիւններ ունեցող երկիր է, եւ որ` շատ հնարաւորութիւններ կան Սէուտական Արաբիոյ հետ գործակցութեան: «Աւելի ճիգ պէտք է թափենք երկու երկիրներու յարաբերութիւնները զարգացնելու համար», ըսաւ ան:

Սալեհին հետ մեր կուռ խօսակցութիւնները պէտք էր ամփոփէինք: Արդէն զրուցեցինք աւելի քան մէկ ժամ: «Շուտով եկեղեցին,Աստուածաշունչը եւ դուն` Սէուտական Արաբիոյ մէջ», ըսաւ ան որպէս ցտեսութիւն:

Կրնայ՞ ըլլալ…

Դոկտ. Մունան չափահաս տարիքի կին մըն է: Ան ծնած է Դամասկոս, բայց երիտասարդ տարիքին ամուսնացած է պահրէյնցի մարդու մը հետ եւ իր ամբողջ կեանքը մինչեւ օրս կը շարունակէ այս կղզիին մէջ: «Արաբերէն հնչիւնիս մէջ շատ բան չմնաց Սուրիայէն», ըսաւ ան ժպտալով: Մունան դասախօս է Պահրէյնի համալսարանին մէջ եւ ընկերաբանական եւ կրօնական նիւթեր կը դասաւանդէ:

Մունան բաւական ժամանակ անցուց մեր տաղաւարին մէջ: Յստակ էր, որ ըսելիք ունէր եւ կ՛ուզէր խօսիլ:

«Հայրս շատ զարկ տուաւ մեր կրթութեան եւ դաստիրակութեան,- ըսաւ ան: – Մեզ Լիբանան ղրկեց, որպէսզի ուսում առնենք, եւ նախընտրեց, որ մենք քրիստոնեայ մարոնի համայնքի քոյրերուն դպրոցը սորվինք»:

Սկսած էի տեսնել, որ մեր խօսակցութիւնը սկսած էր նոր թափ մը ստանալ: Եւ քաջալերուած Մունայի համարձակութենէն` ես ալ եկայ աւելցնելու իր խօսքին վրայ. «Ինչպէ՞ս կը զգաս այսօր, որ քրիստոնեայ դպրոցի մէջ ուսումդ ստացած ես», եղաւ իմ քիչ մը կտրուկ հարցումը:

Մունային պատասխանը շատ պարզ էր եւ յստակ: Ան դասախօս մը ըլլալով հանդերձ, չուզեց դասախօսութիւն մը կարդալ ինծի: «Իմ կեանքս դասաւորեց եւ կազմակերպեց»,- ըսաւ ան: «Շփոթութեան մէջ էի երիտասարդական տարիներուս, եւ իրենց կրթութիւնը յստակատեսութիւն տուաւ ինծի, թէ ի՛նչ պէտք է ընեմ իմ կեանքիս ընթացքին»:

Մունան այսօր կ՛աշխատի իր երկրորդ դոկտորական ատենախօսութեան վրայ: Իր ուսումնասիրութիւնները կ՛ընդգրկեն տարբեր կրօններու եւ անոնց պաշտամունքներու դերը եւ կարեւորութիւնը մարդուն ներքին կեանքի համերաշխութեան համար: Եւ այս իմաստով ան հետաքրքրուած է ոչ միայն իսլամական կրօնով, այլ նաեւ` քրիստոնեայ աստուածաբանութեան ու, տակաւին, անոնց յարաբերութիւններուն եւ մարդկային կեանքին համար անոնց նպաստով: Ան ուզեց աւելի ժամանակ անցընել մեզի հետ, քանի որ հետաքրքրուած էր Աստուածաշունչի ներդրումին եւ անոր նպաստին միջկրօնական յարաբերութիւններու մէջ նիւթով:

Եւ չուշացաւ իմ հետաքրքիր այլ հարցումս. «Ինչպէ՞ս կը տեսնես մեր ներկայութիւնը այս ցուցահանդէսին»: Մունային դէմքին վրայ գծուեցաւ պզտիկ ժպիտ մը: «Արդէն ուշ էք»,- ըսաւ ան:- Դուք տասնութ տարի առաջ պէտք էր հոս ըլլայիք», եղաւ իր հաստատ եւ վճռական պատասխանը:

Չեմ գիտեր, թէ Մունան այս պատասխանը տուաւ որպէս մարտահրաւէ՞ր: Իր հաստատումը անձնական նախաձեռնութիւն էր, թէ՞ հաւաքական պահանջ: Բայց կրնայի տեսնել իր համոզմունքը: «Մեր հաւաքականութիւնները այսօր շատ պէտք ունին սորվելու համակեցութիւն եւ փոխյարաբերութիւն` որպէս տարբեր համայնքներ եւ կրօններ: Ձեր ներկայութիւնը մեծապէս կարեւոր եւ օգտակար է: Եւ այս իմաստով ալ հոս պէտք էր ըլլայիք ասկէ առաջ», եզրափակեց Մունան:

Մունային եւ անոր «ուշ» ըլլալու հաստատումը մտածել տուին ինծի: «Ուշ»-ը ունի նաեւ իր տուեալները եւ պարունակը: Բայց նաեւ ունի իր գիտակցութիւնը: Մարդկային ու հաւաքական կեանքին մէջ պատմութիւնը կը կերտուի դրուագներով, եւ այդ դրուագները եթէ կը կերտեն, բայց նաեւ կը քանդեն ու տակաւին հետք(եր) կը ձգեն: Պատմութեան դրուագներն ու անոնց պատեհութիւնները ճիշդ ձեւով օգտագործելը անհրաժեշտ գրաւականներ են: Քաջալերական էր տեսնել Պահրէյնի մէջ մարդիկ, որոնք կրնան արժեւորել քրիստոնեայ ներկայութիւնը եւ անոր կարեւոր ներդրումը` տարածաշրջանի պատմութիւնը իր տարբեր դրուագներով կերտելու գիտակցութեան մէջ: Այս իմաստով, Մունային «արդէն ուշ էք»-ը առի որպէս երկկողմանի մարտահրաւէր-գիտակցութիւն: Գիտակցութիւնը Մունային` որպէս իսլամի: Ուշին ետին կան պատճառներ, որոնց ինք ու իր համայնքը նաեւ պէտք է գիտակցին, որ` մարդկային կեանքերը ու անոնց պատմութիւնները լաւապէս կը կերտուին գոյակեցութեամբ եւ համակեցութեամբ: Բայց նաեւ` իմ գիտակցութիւնը, թէ տակաւին, որքա՛ն կարեւոր է քրիստոնեայ ներկայութիւնը եւ անոր առաքելութիւնը նոյնինքն մարդկային կեանքի պատմութիւնը եւ անոր դրուագները կերտելու եւ շինելու համար: Որքան անհրաժեշտ է գուրգուրալ մեր քրիստոնեայ աստուածաբանութեան եւ անոր բերած կարեւոր մեծ աւանդին մեր հաւաքական ու անհատական կեանքերուն համար:

«Ուշ ենք»`այո՞…Եւ կան պատմական ու քաղաքական տուեալներ, որոնք կրնան ցոյց տալ, որ «արդէն ուշ ենք»:

Մարդկային կեանքի մեր պատմութեան մէջ գործադրուեցան շատ աւերներ, որոնք թերեւս կարելի էր կանխել…Ու տակաւին, մեր տարածաշրջանին մէջ կան ու եղան անկիւնադարձային աղէտներ, որոնք ձգեցին հետքեր` շատ մը հաւաքականութիւններու վրայ: Արդէն «ուշ ենք» ըսելու եւ ցանկալու, որ երանի այդ բոլորը տեղի չունենային…

«Արդէն ուշ ենք»…Երեւի…Թերեւս…Բայց ոչ երբեք ուշացած:

Քանի կայ պատմութեան կրկնուող յաջորդականութիւնը, որ աւերէն ետք պիտի գայ վերականգնումը, եւ քանդումէն ետք` շինարարութիւնը: Անհասկացողութիւններուն մէջէն կարելի է գտնել համերաշխութիւնը: Եւ անհանդուրժող հոգին կարելի է վերածել հանդուրժողականութեան: Մարդիկ Պահրէյնի մէջ վկայեցին իրենց հանդուրժողականութիւնը`«մեզի համար հպարտութիւն է, որ դուք հոս էք»:

Եւ «հոս ենք», որովհետեւ կը հաւատանք, որ միասին կրնանք նորը շինել: Նորը, որ կրնայ ընդգրկել մարդկային կեանքեր` հիմնուած հանդուրժողականութեան վրայ, ուր «ուրիշ»-ը կը ճանչնաս եւ կրնաս ապրիլ անոր հետ` իր տարբերութիւններով:

Տարածաշրջանի ու, տակաւին, ընդհանրական այս բոլոր «թոհ ու փոհին» մէջէն եւ անկէ ետք պիտի կարենա՞նք տեսնել, որ պիտի կերտենք նորը: Հոն մարդիկ կրնա՞ն զիրար ընդունիլ:

«Արդէն ուշ էք»,  բայց անպայմանօրէն ուշացած չենք հաւատալու եւ գործելու, որ պիտի կերտենք նորը: Հոն, ուր մարդիկ կրնան զիրար ճանչնալ, բայց նաեւ ընդունիլ եւ, տակաւին, ապրիլ համերաշխութեամբ` իրենց տարբերութիւններով հանդերձ:

Խալէտը, Սալէհը, Մունան ու, տակաւին, Պահրէյնի փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ®ուշ ենք, բայց…ուշացած չենք: Թէ` կարելի է տարբերութիւնները տեսնել, ընդունիլ ու նաեւ ապրիլ անոնց հետ:

 

 

 

Թրքացած Հայերու Ծագման Հարցի Պատճառով Յառաջացած Այլ Ողբերգական Պատմութիւններ

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Անցած ամիս թրքական կառավարութեան կողմէ ստեղծուած էր կայք մը, ուր Թուրքիոյ քաղաքացիները կրնային որոնել իրենց արմատները` հասնելով մինչեւ 1850-ականներու կէսերը: Տպագիր ու ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակուած են հարիւրաւոր պատմութիւններ, որոնք ցնցում յառաջացուցած են Թուրքիոյ մէջ ու անոր սահմաններէն  դուրս: Կան նաեւ քանի մը պատմութիւններ թուրքերու մասին, որոնք յայտնաբերած են, որ ունին ալպանական, արաբական, Պոնտոսի յոյներու, եւ որ ամենավատն է` հայկական արմատներ: Անոնք անգամ նիւթեր ունին, ուր կը գրեն, որ ծայրայեղ ազգայնական ու ցեղապաշտական կուսակցութիւններու որոշ անդամներ դուրս վտարուած են կամ կորսնցուցած են իրենց կոչումները, ճնշումի ենթարկուած եւ նոյնիսկ` ինքնասպանութիւն գործած, երբ  իմացած են իրենց հայկական արմատներուն մասին:

Արդեօք այս պատմութիւնները ճի՞շդ են, թէ՞ չափազանցուած: Այնուամենայնիւ, ծագման խնդիրը որոշ պարագաներու նոյնիսկ մահացու է Թուրքիոյ մէջ: Վերջին դէպքը կապուած է Հրանդ Տինքին հետ,  որ անընդհատ կը հալածուէր, կը հետապնդուէր «թրքութիւնը վիրաւորելու համար» եւ ի վերջոյ սպաննուեցաւ, երբ բացայայտեց, որ Քեմալ Աթաթուրքի որդեգիր դուստր և Թուրքիոյ առաջին կին ռազմական օդաչու Սապիհա Կէօքչենը իրականութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով որբացած հայ աղջիկ մը եղած է: Մէկ այլ պարագայի, Թուրքիոյ նախորդ նախագահը խորհրդարանի մէջ ընդդիմադիր կուսակցութեան անդամին դատի  տուած էր, որովհետեւ վերջինս պնդած էր, որ` «ան կը սերի Կեսարիոյ հայկական ընտանիքէ մը»:

Դեռ աւելի՛ն. երկրի մը մէջ, ուր հայկական ապրանք վաճառելն անգամ ամենամեծ մեղքը կը յամարուի, կան բազմաթիւ փաստագրուած ու փաստեր չունեցող պատմութիւններ` հայկական ծագում ունեցող յայտնի թուրքերու մասին, որոնց շարքին`  Թուրքիոյ նախորդ նախագահը, նախկին նախագահներէն մէկուն կինը եւ քանի մը ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ: Փաստագրուած պատմութիւններէն մէկուն մէջ կը նշուի, որ ընդդիմութեան ծայրայեղ ազգայնական նախկին առաջնորդին ընտանիքը իրականութեան մէջ սեւծովեան շրջանի իսլամացած հայ ընտանիքներէն եղած է, եւ այդ  ընտանիքի հայ ժառանգները հիմա կ՛ապրին Քանատա:

Երբ ծագումնաբանական այս կայքը պաշտօնապէս հանրայնացուեցաւ, զիս անմիջապէս հետաքրքրեց, թէ ինչպէ՛ս ծպտեալ հայերու (հայերն ու անոնց ժառանգները, որոնց բռնի կրօնափոխ ըրած են Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին) ծագումը նշուած է այնտեղ: Այդ արագ հետազօտութիւնը ցոյց տուաւ, որ անոնցմէ եւ ոչ մէկը նշուած էր որպէս հայ: Անոնց ընտանեկան պատմութիւնը կը սկսէր արդէն իսլամացած ու իսլամական անուն կրող նախնիներու անունէն: Հակառակ անոր որ կան ապացոյցներ, որ կառավարութիւնը մանրամասն արձանագրութիւններ կը պահէ թուրքերու եւ քիւրտերու մէջ իսլամացած հայերու վերաբերեալ, սակայն այդ արձանագրութիւնները չեն հանրայնացուած կամ առկայ չեն այս նոր կայքին մէջ: Հետաքրքրական է, որ ապացուցուած է, թէ բազմաթիւ հայեր սպաննուած են, կորած կամ տեղահանուած են Ցեղասպանութեան ընթացքին, սակայն անոնք այդ կայքին մէջ տակաւին կը նշուին ողջերու շարքին: Բազմաթիւ հայ ընտանիքներ, որոնք գիտեն հիմնականին մէջ մինչ 1850-ական թուականներուն ծնած  իրենց տատիկ-պապիկներու ողբերգական ճակատագրին մասին, այս կայքին մէջ կը յայտնաբերեն, որ այդ մարդիկ, համաձայն կայքին առկայ կեղծ տուեալներուն, դեռ հրաշքով կենդանի են:

Ես կը ցանկայի ներկայացնել ծագման հետ կապուած երկու հետաքրքրական եւ քիչ յայտնի պատմութիւններ:

1880-ական թուականներուն  Մալաթիոյ գիւղերէն մէկուն մէջ հարուստ հայ ընտանիք մը կ՛ապրէր: Շրջանը անընդհատ ահաբեկութեան ու ոտնձգութիւններու կ՛ենթարկուի քիւրտ ցեղախումբերուն կողմէ, անոնք անընդմէջ կը յարձակէին շրջանի գիւղերուն վրայ: Այդ ժամանակ հայերը կը սկսին կազմել պաշտպանական ուժեր ու համախմբել ֆետայիները, որպէսզի պաշտպանեն հայկական գիւղերը: Հայ ֆետայի առաջնորդներէն մէկը անգամ մը կը դիմէ այդ հարուստ ընտանիքի նահապետին եւ գումար կը խնդրէ զէնք ու ձիեր գնելու համար: Այդ հարուստ հայը կը պատասխանէ, որ երկու օրուան ընթացքին կ՛որոշէ` տա՞լ այդ գումարը, թէ՞ ոչ: Երկու օր անց հայ ֆետային կը վերադառնայ, եւ հարուստ հայը կը մերժէ անոր գումար տալ: Ֆետային առանց վարանելու` կը կրակէ ու կը սպաննէ զայն: Անոր այրին նորածին որդիին հետ կը փախչի Զմիւռնիա, ուր ան իսլամութիւն  կ՛ընդունի եւ կը մեծցնէ իր որդին` հայերու նկատմամբ ծայրայեղ ատելութիւն սերմանելով: Այդ տղան Իսմեթ Ինէօնիւն (1884-1973) է` Թուրքիոյ երկրորդ նախագահը` Քեմալ Աթաթուրքէն ետք. ան, ըստ երեւոյթին, եղած է հայերու ու Թուրքիոյ մէջ բնակող փոքրամասնութիւններու թշնամիներէն մէկը` իթթիհատական առաջնորդներէն ետք:

Ինէօնիւն օրակարգ կը բերէ 1942 թուականին «Ունեցուածքի հարկի» (Varlik Vergisi) մասին օրէնքը: Ակնյայտ էր, որ սոյն օրէնքը կը հրապարակուէր օգնելու համար Թուրքիոյ` յաղթահարել պատերազմական տարիներու տնտեսական դժուարութիւնները եւ նպատակ ունէր կործանել ազգային փոքրամասնութիւնները: Հարկերը կը գանձուէին ըստ ազգային ծագման. հարկին չափը, ընդհանուր ունեցուածքի համեմատած, հայերուն համար կը կազմէր 232 տոկոս, 184 տոկոս` հրեաներու, 159 տոկոս` յոյներու համար, իսկ թուրքերու համար` միայն 4,9 տոկոս: Վճարելու համար անոնց կը տրուէր 15 օր, եւ ան, որ չէր կրնար վճարել,  կը ձերբակալուէր եւ կ՛ուղարկուէր երկրի արեւելեան շրջաններ` աշխատելու քարհանքերու մէջ ու կառուցելու ճանապարհներ կամ փապուղիներ: Սա փաստօրէն կը նշանակէր փոքրամասնութիւններէն հարստութեան փոխանցում թուրքերուն:

Բազմաթիւ հայեր իրենց գործերը չափազանց աժան գիներով վաճառելէ ետք կը սնանկանային, սակայն միեւնոյնն է, չէին կրնար հաւաքել պահանջուած գումարը եւ ուղարկել աշխատաւորական ճամբարներ ու կը մահանային այնտեղ: 1964 թուականին` Կիպրոսի ճգնաժամի ժամանակ, Ինէօնիւ կրկին կը ճնշէ յոյները: Մօտ  45.000 յոյն տեղահանել կու տայ. անոնք միաժամանակ Թուրքիոյ ու Յունաստանի քաղաքացիներ էին: Անոնց տրուած էր 10 օր, որ ձգեն իրենց աշխատանքները, ունեցուածքը եւ լքեն երկիրը: Անոնց թուլատրուած էր իրեց հետ վերցնել միայն 20 տոլար ու 20 քկ իր: Ինէօնիւի հայկական ծագման մասին պատմութիւնը կը հաստատէ նաեւ յայտնի պատմաբան փրոֆեսոր Փարս Թուղլաճըն (Բարսեղ Թուղլաճեանը) (1933-2016), որ Ինէօնիւի ընտանիքի բարեկամն էր:

Ալի Քեմալը եղած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ յայտնի լրագրող, ինչպէս նաեւ` «Իքտամ» պարբերականի խմբագիրը` 1910-ական թուականներուն: Ան նաեւ ընդդիմադիր Ազատութիւն եւ համաձայնութիւն (HՖrriyet ve Itilaf) կուսակցութեան անդամ էր ու իշխող կուսակցութեան` Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն սուր քննադատը: Ան բուռն կերպով կը քննադատէր ղեկավար կուսակցութեան` պատերազմի մէջ մտնելու որոշումը եւ իր իսկ հայ քաղաքացիներուն նկատմամբ «պատերազմական յանցագործութիւններ ու ջարդեր» իրականացնելը: Անոր խմբագրականներն ու ի պաշտպան հայերու քաղաքական ելոյթներն այնքան ազդեցիկ էին, որ իթթիահատամէտ մամուլը զայն կ՛անուանէր «Արթին Քեմալ» (Արթինը հայկական անուն է, Յարութիւնի կրճատ տարբերակը):

Պատերազմէն ետք, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը պարտութիւն կրեց, իթթիհատական առաջնորդները փախան երկրէն, սուլթանը նոր կառավարութիւն նշանակեց, եւ Քեմալը կարճ ժամանակ մը դարձաւ ներքին գործերու նախարար: Քեմալը անխնայ կը պահանջէր  դատապարտել ու պատժել իթթիհատական առաջնորդները: Ան կը շարունակէր իր սուր քննադատութիւնը իթթիհատական առաջնորդներուն վերաբերեալ ու հանդէս գալ հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան դիրքերէն, այդ պատճառով իր բրիտանացի կնոջ ու երեխաներուն անվտանգութեամբ մտահոգ` զանոնք  կ՛ուղարկէ Անգլիա: Ցաւօք սրտի, ալիքը կը շրջի դէպի ան, երբ Աթաթուրքը ապստամբութիւն  կը բարձրացնէ, Անգարայի մէջ իշխանութիւնը իր ձեռքը կը վերցնէ ու գահընկէց կ՛ընէ սուլթանը եւ Պոլսոյ կառավարութիւնը: Ալի Քեմալը  Պոլիս գտնուող Թոքաթլըեան հիւրանոցին մէջ տեղակայուած վարսայարդարի խանութին մէջ կը ձերբակալուի: Իսկ երբ զայն կը տանին Անգարա` դատելու, Աթաթուրքի հրամանատարներէն մէկը` «արիւնարբու» Նուրէտտին փաշան (զայն արիւնարբու կը կոչէին իր կարմիր մօրուքին, ինչպէս նաեւ ահաւոր դաժանութեան համար), կը պատուիրէ իր զինուորներուն լինչի դատաստան տեսնել Քեմալի հետ: Զայն մաս-մաս կ՛ընեն դեռ ողջ վիճակի մէջ:

Քեմալին ընտանիքը բնակութիւն կը հաստատէ Բրիտանիա: Անոր մեծ թոռը Պորիս Ճոնսընն է, որ եղած է Լոնտոնի քաղաքապետը, իսկ հիմա արտաքին գործոց նախարարն է: Որպէս հմուտ դիւանագէտ` Ճոնսընը Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին շարունակաբար կ՛ըսէ, որ Մեծն Բրիտանիան կ՛ընէ ամէն հնարաւոր բան, որպէսզի Թուրքիան անդամ դառնայ Եւրոմիութեան, բայց միեւնոյն ժամանակ կը պաշտպանէ Պրեքսիթը (Միացեալ Թագաւորութեան հեռացումը Եւրոպական Միութենէն «Ակունք»-ի խմբ.)` պնդելով, որ եթէ Թուրքիան մտնէ Եւրոպական Միութիւն, Բրիտանիան կ՛ողողուի թուրք գաղթողներով:

Թերեւս այս քաղաքականութիւնը ծիծաղելի կ՛ըլլար, եթէ այս պատմութիւնները այդքան ողբերգական չըլլային:

Անգլերէնէ թարգմանեց`
ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

«Ակունք»

 


Սահմանին Կանգնած Զինուորները Մեր Հերոսներն Են. Լիբանանի Բանակի Հայազգի Զօրավարն Իր Անցած Ուղու, Հայկական Բանակի Մասին

$
0
0

ԱՆՆԱ ԳԶԻՐԵԱՆ

Լիբանանի բանակի զօրավար, պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական Փանոս Մանճեանը ռազմական ոլորտում իր առաջին քայլերն սկսել է 1972 թուականին, երբ ընդունուեց ռազմական հաստատութիւն: Այս ոլորտն ընտրելու գործում Փանոս Մանճեանի համար գլխաւոր ոգեշնչողը հայրն էր: Ռազմական տաղանդը նա ժառանգել է նախնիներից, պատերազմների միջով անցել է Փանոս Մանճեանի հայրը, պապը: Հայրը սկզբում ֆրանսական բանակի զինուորական է եղել, որոշ ժամանակ անց տեղափոխուել է Լիբանան եւ այնտեղ է շարունակել իր գործունէութիւնը: «Այս աշխատանքում ինձ համար գլխաւոր ոգեշնչողը հայրս է եղել: Իր գաղափարներով, մօտեցումներով նա ինձ համար եղել է օրինակ: Երբ պէտք է որոշում կայացնէի կրթութիւնս շարունակելու վերաբերեալ, ճիշդն ասած, այդ տարիներին փոքր-ինչ դրամական անկարողութիւն կար, եւ կը դժուարանայի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն ընդունուել, ու քանի որ մտքիցս դուրս չէր գալիս զինուորականութիւնը, որոշեցի դիմել զինուորական քոլեճ: Եւ այդպէս սկսուեց իմ զինուորական կեանքը», «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցում պատմում է Փանոս Մանճեանը:

Ռազմական ոլորտում աշխատելը լի է եղել բազմաթիւ դժուարութիւններով: Աշխատանքային գործունէութեան ընթացքում տարատեսակ բարդութիւնների, խնդիրների առաջ կանգնել, սակայն ամէն օր, վստահ լինելով իր ուժերի վրայ, շարունակել է զինուորական աշխատանքը` յաղթահարելով խոչընդոտները:

Նա ընդգծում է, որ տարբեր պաշտօններ է զբաղեցրել, հասել է բարձր դիրքի, սակայն միշտ ձգտել է լինել գրասենեակից դուրս: Գործնական աշխատանք զինուորականների հետ` դա է եղել Փանոս Մանճեանի ընտրութիւնը:

«Միայն վերջին հինգ տարին եմ գրասենեակային աշխատանք կատարում: Ամբողջ կեանքում նախընտրել եմ լինել առաջնագծերում, զինուորների կողքին: Ինչպէս գիտէք, Լիբանանը ներքին խնդիրներ է ունեցել, պատերազմական վիճակի մէջ է եղել, միշտ ձգտել եմ լինել ռազմական խմբերում: Զինուորների կողքին եմ եղել, նրանց հետ դիմակայել ցանկացած դժուարութիւնների, միասին ճաշել: Իմ ենթակայութեան տակ բազմաթիւ զինուորներ եմ ունեցել, երբ նրանցից 10-ին կամ 20-ին որեւէ յանձնարարութեան էի ուղարկում, ամէն րոպէ կապի մէջ էի լինում, որ նախ յանձնարարութիւնը յաջող կատարուի, երկրորդն էլ` անվտանգ վերադառնան», ասաց Փանոս Մանճեանը:

Զինուորական կեանքում դրուագները բազմաթիւ են, Փանոս Մանճեանը դրանք մէկ առ մէկ յիշելու անհրաժեշտութիւն չի տեսնում, որովհետեւ դրանք դիտարկում է մէկ ամբողջութեան մէջ` զինուորական կեանքի, սակայն առանձնացնում է մի կարեւոր պահ: Աշխատանքի բերումով ընտանիքից հեռու է եղել: Չի կարողացել լինել կնոջ ու երեխաների կողքին:

«Գիտէք` այնքան դժուար ժամանակներ են եղել, որ երբ ինչ-որ պահի կարողանում էինք տուն գալ, դա մեզ համար մեծ ուրախութիւն էր: Ժամանակներ են եղել, երբ 10 ամսով կամ մէկ տարով տուն չեմ եկել: Երբ կինս ծննդաբերում էր, ես չեմ կարողացել ներկայ լինել ծառայութեան պատճառով: Շատ ժամանակ չեմ ունեցել ընտանիքիս հետ անցկացնելու: Հիմա փորձում եմ այդ պակասը լրացնել թոռնիկներիս միջոցով», նշեց Փանոս Մանճեանը:

Չնայած դժուարութիւններին` Փանոս Մանճեանն ընդգծում է, որ սիրով է արել իր աշխատանքը: Նա պարբերաբար աշխատել է իր վրայ, զարգացրել իր մասնագիտական կարողութիւններն ու հմտութիւնները, մեկնել վերապատրաստուելու տարբեր երկրներ: Եւ այդ ամէնն աննկատ չի մնացել, Լիբանանի իշխանութիւնները, գնահատելով նրա անձնուրաց աշխատանքը, նպաստել են ոլորտում նրա առաջընթացին: Փանոս Մանճեանը ստացել է զօրավարի կոչում, զօրավարի աստիճանով ծառայել է 9,5 տարի:

Իր յաջողութիւններին զուգահեռ, կապը հայրենիքի հետ չի կտրուել: Վերջին տարիներին յաճախ է այցելում Հայաստան:

«Առիթ ունեցել եմ ծանօթանալու Հայաստանի Զինուած ուժերի աշխատանքին, հպարտութեամբ կարող եմ ասել, որ սահմանին կանգնած զինուորները մեր հերոսներն են, նրանք բազմիցս ապացուցել են, որ լիովին պատրաստուած են, ունեն բաւական կամք ու ուժ` հակառակորդին արժանի պատասխան տալու: Պէտք է ընդգծել նաեւ մեր զինուորների հնարամտութիւնը, որ կարելի է ասել ոչնչից կարող են կարեւոր բան ստեղծել», ասաց Փանոս Մանճեանը:

Վերջին 12 տարուայ ընթացքում Փանոս Մանճեանը մի քանի անգամ է եղել Հայաստանում: Նրա խօսքով, ամէն անգամ գալով Հայաստան` մեծ փոփոխութիւններ է նկատում:

«Այդ փոփոխութիւններն ակնյայտ են ժողովրդի մտայնութեան մէջ, քաղաքում: Բարգաւաճումը տեսանելի է, սակայն պէտք է աւելին արուի, աշխատատեղերը շատ լինեն, որ երիտասարդութիւնն աշխուժօրէն ընդգրկուի տարբեր աշխատանքներում` նպաստելով պետութեան զարգացմանը», յաւելեց Լիբանանի բանակի հայազգի զօրավարը:

 

 

Քարամանի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի…Ի Յիշատակ Մեծ Մօրս` Զարուհի Նազարէթեանին

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՅՐ ՆԱԶԱՐԷԹԵԱՆ

Տարիներէ ի վեր մեծ մարմաջ ունէի արձանագրելու  սոյն պատմութիւնը եւ յանձնելու հանրութեան: Սակայն յարմար ժամանակին կը սպասէի…

Ամէնօրեայ դրութեամբ ծարաւով կը կարդամ  գաղութիս օրաթերթերը: Հայրենիքիս լուրերը երբեմն կ՛ալեկոծեն հոգիս, երբեմն հոգիով կը փոխադրեն զիս այնտեղ, ուր պէտք է ըլլանք բոլորս, շատ յաճախ կ՛ուզեմ պոռթկալ անիրաւութիւններուն դէմ եւ Թուրքիոյ յայտնել, որ` «Դո՛ւն չես տէրը այն հողին, որուն վրայ իմ պապերս աշխատեցան, կառուցեցին»… Արիւնը գլուխս խուժեց, երբ կարդացի Քարաման քաղաքի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մասին գրուած յօդուածը…

Քարամանը 1300 թուականին աշխարհագրականօրէն մաս կազմած էր Կիլիկիոյ թագաւորութեան:

Քարամանի հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 17-18 դարերուն, ուրկէ տարիներ շարունակ բուրվառներու ճօճումով աղօթքներ բարձրացած են առ Աստուած, խունկի պարոյրով «Սուրբ Աստուած» շարականը խանդավառած է երկնային թագաւորութիւնը, մոմերու լոյսէ արցունքներով Աստուածաշունչի հատուածներ կարդացուած են, հայ մամիկներն ու պապիկներ ծնրադիր, լայնատարած բազուկներով «Տէր ողորմեա» երգած են` խնդրելով խաղաղութիւն, սէր, միութիւն… Այդ շարականները երգողներէն եւ աղօթքներ առ Աստուած բարձրացնողներէն մին  եղած է ուստա դերզի Ակոբ Արապօղլու (Արապեան)…

Մեծ մօրս հայրը` Ակոբ Արապեան, Քարամանի Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղապետութեան ատենապետ, շրջանի մեծահարուստ վաճառականներէն մէկը եղած է: Օսմանեան կայսրութեան օրերուն, Գոնիա նահանգի Քարաման քաղաքի մէջ, օգտուելով 1860-ի Ազգային սահմանադրութեան ընդձեռնած պարբերական ազատութենէն, օրինական փաստաթուղթերով տէր դարձած է կալուածի` Օսմանեան կայսրութեան բնակիչ, ազգութեամբ հայ, վարպետ դերձակ Յակոբ Սարգիսի զաւակ անունով:

1920-ին թուրք ոստիկանները կը խուժեն ուստա Ակոբին խանութը, ուր կը գտնեն մեծ քանակութեամբ սննդամթերք, պղնձեայ իրեր եւ կը բռնագրաւեն բոլորը, զայն կը խոշտանգեն եւ կարմիր մոմով կը փակեն խանութը …

Թուրքին հասցուցած ցաւը անտանելի էր. ցաւ մը, որ կու գար աւելնալու քանի մը տարի առաջ դառն վիշտին, երբ 21 փետրուար 1919-ին երկաթուղիի կայարանի պայթումին իբրեւ հետեւանք զոհուած էին կինը` Մարիձան եւ տասնեօթը տարեկան պատանի որդին` Պարոյրը: Հարուածը ծանր էր, յաջորդ օրն իսկ ուստա Ակոբ աչքերը բաց կ՛աւանդէ հոգին… Պէտք էր տանէին զինք Թալաս` իր ծննդավայրը, սակայն քաղաքական անկայուն վիճակին պատճառով չկարողացան հասնիլ եւ զայն թաղեցին Քարամանի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը:

Ակոբին աչքերը բաց պէտք չէր թողուր իր աղա Կարապետ զաւակը: Էսկիշեհիր քաղաքի երկաթուղիի կայարանի փոխտնօրէն Կարապետ Ակոբին դատը կը հասցնէ Գոնիայի դատարան,  ուր տեղի ունեցած դատավարութեամբ կը յաջողի դրամի ճնշումով վերաբանալ խանութը, որուն եկամուտով պիտի ապրէին Ակոբին միւս զաւակները, որոնցմէ մէկն էր մեծ մայրս` Զարուհին:

Նոյեմբեր 1920 թուականն էր: Քաղաքական իրավիճակը բաւականին շիկացած էր: Զարուհին լուր կը ստանայ, որ մօտեցած էին  իրենց բռնագաղթի օրերը…

Պէտք էր պատրաստուիլ… Պէտք էր հաւաքել անհրաժեշտ պիտոյքները եւ փախուստի դիմել… Պէտք էր անձնական շահերէն վեր մտածել…

Ժամանակ չկար մտածելու, անմիջապէս հօրմէն ստանձնած Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բանալին առնելով` կը փութայ եկեղեցի եւ այնտեղէն իր կարողութեան սահմաններուն մէջ կը վերցնէ եկեղեցւոյ թանկագին իրերը` զոյգ մը քշոց, մոմակալներ, սկիհ, խնկամաններ, քահանայական զգեստներ եւ արծաթապատ նախշաւոր Աստուածաշունչը…

Պատրաստ էին օրհնեալ ու օծեալ իրերը, որոնք երկար ու քարքարոտ ճամբաները պիտի հարթէին` բարով հասնելու ապահով վայր…

Զարուհիին ամուսինը` ֆետայի Արթին Նազարէթ Նազարէթեան, լեռներէն, կիրճերէն փախստական ճանապարհներով կ՛ուղեկցի կնոջը, քառասուն օրուան մանչին` հօրեղբօրս` Նազարէթին եւ տասնմէկ ընտանիքներուն մինչեւ Մերսին քաղաք: Ֆետայի Արթին  նաւահանգիստ ապահով հասցնելէ ետք, իր ճամբան ձիերով կը շարունակէ, իսկ ընտանիքները նաւով կը փոխադրուին Ալքսանտրեթ: Ալեքսանտրեթի մէջ կը միանան իրարու եւ ծովային ճանապարհով մէկ շաբաթ ետք նաւը խարիսխ կը նետէ Պէյրութ…

Կեանքի «նոր» փուլ մը պէտք էր սկսէր,  պէտք էր շարունակել ապրիլ նոյն հաւատքով, սակայն` դառն ու կսկիծով լի յիշատակներով: Անհրաժեշտ էր հաւատքի, յոյսի ուժը վառ ու ամուր պահել, միեւնոյն ժամանակ անխուսափելի էր մոռնալ յիշատակը բոլոր ննջեցեալներուն…

1930 թուականն էր, երբ մեծ մայրս` Զարուհին, հաստատ քայլերով ուղղուեցաւ Անթիլիասի  մայրավանք: Ան իր դողդոջուն ձեռքերով շալկած էր Քարամանի Ս. Աստուածածին եկեղեցէին իրեն հետ բերած գոյքերը: Յուզուած` ներկայացաւ օրուան վեհափառին` Սահակ կաթողիկոսին:

Վեհափառը մեծ յուզումով ընդունեց այդ իրերը` զետեղելու համար Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, փոխարէնը` առաջարկեց Լիբանանի մէջ թաղամաս մը գնուի եւ Քարաման կոչուի… Սակայն մեծ մայրս մերժեց այդ առաջարկը եւ խնդրեց, որ ամէն Կանաչ կիրակի Քարամանի բոլոր` հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար յատուկ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգիստ մատուցուի` վերակենդանացնելու համար Քարամանի հայութեան յիշատակը: Քարամանցիները ամէն Կանաչ կիրակի կը կատարէին յատուկ ծէսեր, ապա անոնք կը խմբուէին եկեղեցւոյ կողքին գտնուող բակին մէջ եւ աւանդական տօնակատարութեամբ կ՛անցընէին օրը:

Ցայսօր աւանդութիւն դարձած է, եւ ամէն Կանաչ կիրակի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ կը համախմբուին փոքրաթիւ քարամանցիներ` իրենց փոխանցուած կտակը վառ պահելու…

Ի պատասխան Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան նախարարին` ըսենք, Քարամանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին փաստօրէն եւ փաստաթուղթերով իր տէրերը ունի, այնտեղ մկրտուած են տոհմիս բոլոր երեխաները, հոն թաղուած են պապերուս աճիւնները… Մինչեւ 1920 թուականը Հայոց առաքելական եկեղեցին սրբութեամբ օծուած աղօթավայր էր: Վերածեցին բանտի, այժմ` զբօսաշրջութեան միջոցով եկամտաբեր աղբիւրի:

Արմատէն չէ խլուած յիշատակը Քարամանի, թէեւ քարամանցիները մեծաւ մասամբ նահատակուեցան, բայց կենդանի փաստերով, ձեռագիր յուշագրերով կու գամ պատմութեան յանձնելու իմ ընտանեկան ծառիս արմատներու ծննդավայրը, ուրկէ ծիլ առած, այսօր կը գոյատեւեմ` սնանելով հողիս բարքերով եւ ոգեշնչուելով նահատակ մեծ հայրերուս անմահ հոգիներով…

Հանգիստ ննջեցէ՛ք, Քարամանի եւ հայոց աշխարհի անմե՛ղ զոհեր, քանզի արդարութիւնը պիտի գերիշխէ, եւ ձեր փառքը պիտի յայտնուի երկնային դատաստանի մէջ…

Փա՛ռք ու պատիւ` ձեր հզօր ու խիզախ ոգիին… Խոնարհութիւն` ձեր անթառամ յիշատակին…

Պէյրութ, 23 փետրուար 2018

Ռուբէնը (Մահուան Քառասունք)

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ Ք.

Ռուբէնին հետ դասընկերներ էինք ու թաղի տղաք` Հայաշէնի մէջ:

Արդէն անկարելի է հայաշէնցի ըլլալ ու իրարու կապուած չըլլալ մանկութեան-պատանութեան տարիքի դպրոցական, դասի ու խաղի, փողոցային թափառումներու եւ անմեղունակ անառակութիւններու յուշերով:

Զտարիւն հայաշէնցի մը միայն կը հասկնայ այս ըսուածին խորքն ու իրաւութիւնը:

Հայաբնակ հին Հայաշէնի մէջ կային տարբեր գաղափարի մարդիկ: Կային դաշնակցականներ, կային համայնավարներ, թերեւս նաեւ` հնչակեաններ: Բայց ատոնք գաղափարի ընտրանքներ էին, որոնք կը մնային տարակարծութիւններու սահմանին մէջ, թէեւ երբեմն կը սրէին, բայց չէր պատահած, որ անոնց պատճառով ցնցումներ ապրի թաղամասը եւ խանգարուի անոր ներդաշնակութիւնը: Հայաբնակ հին Հայաշէնը կարելի էր նմանցնել տարբեր առաստաղներու տակ ապրող ընտանիքներու ամբողջութեան մը: Պսա՞կ եղաւ, ամբողջ բնակչութիւնը կը դառնար հարսնեւոր, իսկ մահուան պարագային` սգաւոր: Այս սրտագրաւ աւանդութիւնը փոխանցուած է հետագայ բնակիչներուն ալ: Ահա թէ ինչո՛ւ հեռանիստ անձս վկայութեան պէտք չունի վստահ ըլլալու  համար, թէ սիրեցեալ Ռուբէնին մահը սուգի մատնած  ըլլայ  ամբողջ թաղը` հայ թէ արաբ կամ օտարերկրացի անծանօթ նորեկներ:

Այդ Հայաշէնին մէջն է, որ Ռուբէնին հետ անցուցած ենք մեր մանկութիւնը` խաղի եւ դասի հաճոյքներով:

Ռուբէնին հայրը չէզոք մարդ մըն էր, բացարձակ անտարբեր` քաղաքական-գաղափարական հարցերու նկատմամբ: Կեդրոնական ճամբուն վրայ կը բանեցնէր փոքր  խանութ մը, ուր յաճախորդը կը գտնէր ինչ որ փնտռէր` ընդեղէն-կաթնեղէն-պահածոյ տուփեղէններ թէ աւել ու տապակ կամ ջուրի ծորակ… «Չկայ» կամ «չունիմ»  բառերը չեն լսուած պրն. Կապետին (Կարապետ) բերնէն, այլ միայն` «հիմա վերջացաւ», եւ յաջորդ օր այդ պահանջուածով կը համալրուէր իր ապրանքատեսակը: Ազնիւ ու բարի մարդ մըն էր Կապետը` հանրային կեանքէ հեռու, ամբողջութեամբ նուիրուած իր խանութին ու ընտանիքին:

Ռուբէնը` ծառէն ինկած հարազատ պտուղ, ժառանգեց հօրը գործը, խանութ բանեցնելու աշխատելաձեւը, նկարագրային գիծերը, բարութիւնը եւ ընտանիքին նուիրուածութիւնը: Ընդարձակեց գործը, հին խանութին դիմաց բացաւ ընդարձակը եւ անիկա վերածեց մինի մարքեթի` շատ աւելի ճոխ ապրանքատեսակներով: Թաղեցիներուն «Կապետը կ՛ունենայ»-ն աւելի շեշտ ու ապահով հնչեց` «Ռուբէնը անպայմա՛ն կ՛ունենայ…»: Օրուան որեւէ ժամու խանութ երթալուդ` կը հանդիպէիր քանի մը թաղեցիներու, որոնք «կը վերլուծեն» քաղաքական կամ ազգային իրադարձութիւններ, այնքան առատ` Լիբանանի մէջ: Ռուբէնը չէր մասնակցեր այդ խօսակցութիւններուն, միշտ իր գործին էր, յաճախորդներուն հետ: Նոյնիսկ բացայայտուած ու բոլորին յայտնի դէպքի մը վերաբերեալ իրմէ յաւելեալ տեղեկութիւն կամ կարծիք անկարելի էր քաղել: Առաւելագոյնը` իր պատասխանը պիտի ըլլար. «Ինչ գիտնամ, կ՛ըսեն կոր որ….»: Բացառուած էր, որ իրմէ բամբասանք լսէիր որեւէ հասցէի: Կարծի՞ք  չունէր: Անշո՛ւշտ որ ունէր, ինչպէ՞ս կարծիք չունենար ան, երբ օրուան որեւէ ժամու իր ականջին տակ տեղեկութիւններ կը փոխանակուէին, վերլուծումներ կը կատարուէին: Սակայն իր կարծիքէն թերեւս վշտացողներ ըլլային, Ռուբէնին ինչո՞ւն էր պէտք,: Եւ սակայն, «ինչո՞ւս է պէտք»-ը պարտքի վերածուեցաւ Ռուբէնին համար, երբ խնդրոյ առարկայ դարձաւ եկեղեցւոյ գոյութիւնը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ու անկէ ետք Հայաշէնի հայ բնակիչները շատ նօսրացան: Փակուեցաւ Թորգոմեան դպրոցը աշակերտներու պակասէն:: Չափազանց նօսրացաւ նաեւ ազգային գործերով զբաղողներուն թիւը: Եկեղեցին ալ դպրոցի ճակատագրին ենթակայ դառնալու մղձաւանջին մատնուեցաւ: Պէ՛տքը կար նուիրեալ մարդոց, որոնք առաւելագոյն ճիգով կանգուն պահէին եկեղեցին, որ գլխաւոր կառոյցն է հոն ապրող հայերը իրարու կապելու համար: Այս պարագային այլեւս  Ռուբէնը չէր կրնար ըսել`  «ինչո՞ւս է պէտք»…

Կամաւոր մարդիկ ունենալու Հայաշէնի պէ՛տքը սիրեցեալ Ռուբէնին պա՛րտքը եղաւ կարծէք:

Շուրջ երեսուն տարի, Թաղային խորհուրդի  յաճախ իբրեւ ատենապետ, մերթ դիւանի անդամ ու գանձապահ կամ խորհրդական, եկեղեցին կանգուն պահելու աշխատանքին փարեցաւ: Ինչպէս ազգային բոլոր գործերը, նաեւ իր պարագային մինակ աշխատողը չէր անշուշտ: Բայց Ռուբէնին խանութին մերձաւորութիւնը եկեղեցիին (շուրջ 40-50 քայլ միայն) անոր պարտականութիւնը դարձուցած էր ի հարկին գործը ձգելու, խանութը փակելով եկեղեցի փութալու անհրաժեշտութեան պարագային: Եւ այսպէս, ի՛ր ու գործակիցներուն  ջանքերով, պիւտճէական  գրեթէ անգոյ կամ շատ դժուար պայմաններու մէջ  միշտ բաց մնաց եկեղեցին, շարականը կը շարունակէ երգուիլ անոր  կամարներուն տակ, հին օրերու պէս կոչնակը կը հնչէ եւ  հաւատացեալները ժամ կը կանչէ…

Հին Հայաշէնէն մնացած էին եկեղեցին, ակումբը եւ… Ռուբէնին խանութը: Հիմա մնացին ակումբը եւ եկեղեցւոյ կոչնակին կանչը: Կանչ` սակայն որո՞ւ  համար…

Քանի մը ամիսներ առաջ գործը հաշուեյարդարի ենթարկեց Ռուբէնը, որպէսզի իրեն մնացած տարիները քիչ մը անհոգ անցընէ: Բայց ճակատագիրը թոյլ չտուաւ: Անողոք հիւանդութիւն մը անակնկալօրէն բոյն դրաւ մարմնին մէջ, շուտով տարածուեցաւ, տառապեցուց զինք եւ հողին տարաւ:

Շուրջ քառասուն օրեր առաջ էր, առաւօտեան ժամերու Դիմատետրի էջերուն վրայ թափառումներուս` յանկարծ աչքերս հանդիպեցան Ռուբէնի լուսանկարին եւ տակն ալ` «Աստուած հոգին լուսաւորէ»-ներու… Գոյժէն ցնցուած եւ պահի ազդեցութեան տակ զգացումներս գիրի վերածուեցան եւ պոռթկացին գրառումով մը, զոր կը տեղադրեմ հոս իբրեւ վերջին հրաժեշտ.

«Սիրեցեա՛լդ Ռուբէն, ինչո՞ւ, իրարու հրաժեշտի խօսք չկատարած, ինչո՞ւ այս անհամ անակնկալը: Տակաւին իրարու ըսելիք ունէինք: Մանկութեան ու պատանեկան վերյիշումներ պիտի ունենայինք միասին…

Ուրեմն այսպէս, անվերադարձ մեկնեցաւ Ռուբէնը` Հայաշէնի զտարիւն մոհիկաններու վերջին քիչերէն մէկը. Անոնցմէ, որոնք տակաւին կը մնան պատնէշի վրայ եւ կը փորձեն ոտքի  պահել արդէն իսկ հայաթափ  Հայաշէնի շարունակականութիւնը,  կը ծառայեն եկեղեցիին եւ եկեղեցական կեանքի պահպանումին…

Վստահ եղի՛ր, Ռուբէ՛ն, որ գէթ Հայաշէնի բոլոր բնակիչները անխտիր` հայ, արաբ թէ  հոն հաստատուած նորեկ օտարերկրացիներ քու կորուստիդ համար կը ցաւակցին, եւ անոնք միշտ պիտի յիշեն քեզ: Պիտի յիշեն ազնուութիւնդ, բարութիւնդ, անուշ վարուելակերպդ, ծառայութիւնդ: Վերջապէս, ամէն մէկը ի՛նչ առաքինութիւն որ գտած-տեսած է քու մէջդ: Երթա՜ս բարով  առաքինութեանց մարմնացում, սիրեցեա՛լդ Ռուբէն:

Յաւիտենական հանգիստ քեզի, անո՛ւշ ընկեր»:

 

 

Ընտրական Քրոնիկ. «Զզուեցանք Դաշնակցականներէն…»

$
0
0

ԼԵՆԱ ՊԱԼԵԱՆ

Ընտրական այս օրերուն բազմացած են կարծիք յայտնող «իմաստուն»-ները…

Մի ոմն, ձանձրացեր է Դաշնակցութեան «պարապ-սարապ պըր-պըր»-ները լսելէ եւ գլուխը սկսած է ցաւիլ «Քուէս Դաշնակցութեան» կարգախօսէն:

Մի ոմն, դո՛ւն եւ քեզի նման բթամիտներդ լա՛ւ իմացէք ու միանգամընդմիշտ ըմբռնեցէք, որ Դաշնակցութեան ձայնը չի լռեր: Դաշնակցութեան ձայնը 128 տարի հնչած է ու դեռ պիտի շարունակէ հնչել, եւ բարձր պիտի հնչէ ու ձեզի նման ստրկամիտներ պիտի չկարենան զայն լռեցնել:

Հարուածեցէ՛ք, բամբասեցէ՛ք, փորձեցէ՛ք անհաճոյ մթնոլորտ ստեղծել, ձեր քուէն ծախեցէ՛ք` անոր հետ ալ ձեր արժանապատուութիւնը, Դաշնակցութեան դէմ քուէարկեցէ՛ք, փորձեցէ՛ք ճեղք ստեղծել Դաշնակցութեան եւ իր համակիր զանգուածին միջեւ, ըրէք ու ըրէք, բայց լաւ իմացէք, որ ձեր ճիգերը ապարդիւն են:

Դաշնակցութեան բռունցքը ամուր է ու զօրաւոր, ձեզի պէս պատեհապաշտներ երբեք չեն յաջողիր զայն մասնատել կամ տկարացնել: Այդ բռունցքն է, որ կը պահէ հայութիւնը, կը պահպանէ հայկական ինքնութիւնը, կը պահպանէ հայ ընտանիքը, տէր կը կանգնի հայութեան իրաւունքներուն ու կը հասնի հայ ժողովուրդի կարիքներուն: Այդ բռունցքը լուռ կ՛աշխատի, այդ բռունցքը լուսարձակներէ հեռու, սակայն ազդու կերպով կը գործէ, իսկ լիբանանահայ զանգուածը քաջ գիտէ այդ մասին: Իսկ դուք, բնական է, որ տեղեակ չըլլաք, պարզ այն պատճառով, որ մեր իրականութեան մաս չէք կազմեր, մեր առօրեային չէք առնչուած:

Շարունակեցէք ձեր ընթացքը, սակայն մայիս 6-ին չմոռնաք հետեւելու Դաշնակցութեան հաւատարիմ  զանգուածին մրջնաջան ընթացքին, չխուսափիք նայելէ լիբանանահայ տողանցող ուժին ու լսելու անոր ԲԱՐՁՐ ՁԱՅՆը:

Ձեր ականջներուն օղ ըրէք` Դաշնակցութեան քուէարկողը իր քուէն «չի թափեր» սնտուկին մէջ, այլ իր քուէն ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ Դաշնակցութեան:

 

 

Ծառ Չկտրել Լուցկի Շինելու Համար

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահը ամէն ամիս նիւթով մը միջազգային հետաքրքրութիւն ստեղծելու վրայ է: Յարատեւօրէն կը փորձէ հաստատել, որ ինքը Փութինի օգնութեամբ չէ, որ նախագահ ընտրուած է: Երբեմն նոյնիսկ հսկայ ծրագիրներ մէջտեղ կը նետէ, որպէսզի վերջաւորութեան պզտիկ յառաջխաղացք մը արձանագրէ:

Ոմանք կը հաւատան, որ Ամերիկա, Եւրոպա, Թուրքիա, Իսրայէլ եւ Ռուսիա, Իրան, Չինաստան, Սուրիա ճակատումը անպայման տեղի պիտի ունենայ, այդ ալ` Սուրիոյ մէջ:

Սակայն կը հաւատամ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը միայն մեծ խօսքերու վարպետ է, եւ Ամերիկան իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ միշտ ալ վախկոտ դուրս ելած է: Երբ նուազագոյն վնասը կրէ իր սկզբունքները կը փոխէ:

Պէտք չէ մոռնալ նաեւ Միացեալ Նահանգներու`  զրպարտութիւններով պատերազմ յայտարարելու նախընթացները: Չենք մոռցած Իրաքի դէմ պատերազմի հիմնական պատճառներէն մէկը, որ օրին յայտարարեցին, թէ` Սատտամ Հուսէյն կորիզային ռումբեր ունի, եւ պէտք է բնաջնջուին ռումբերն ու Սատամը: Փաստօրէն պատերազմը աւարտեցաւ. Սատտամ Հուսէյնը կախեցին, սակայն ռումբերը չգտնուեցան, որպէսզի ոչնչացնեն:

Նոյն պարագան է սուրիական Տումայի մէջ պատահածը կամ պատճառը:

Թրամփի ամսական կեցուածքներու եւ որոշումներու մագլցումը լաւ տեղ չի տանիր երկրագունդը:

Ընդհանրապէս զօրաւորը եւ ղեկավարը, երբ զօրաւոր է, պէտք չունի նման անհաւասարակշիռ քայլեր առնելու, որովհետեւ այսօր կը հաստատենք, որ Միացեալ Նահանգները տնտեսական, ռազմական եւ արհեստագիտութեամբ աւելի զօրաւոր են Ռուսիայէն, սակայն միայն զօրաւոր ըլլալը չի բաւեր, խելք ու ողջմտութիւն պէտք է յարգելի ղեկավար ըլլալու համար: Ծառ չես կտրեր, որպէսզի լուցկի մը շինես: Այս օրերուն այս տրամաբանութեամբ աշխարհը ղեկավարողները շատ են, պէտք է զգուշ ըլլալ:

 

 

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live