Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12092 articles
Browse latest View live

Հարիւր Պատմական Դէպք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

81.- 1 մարտ 1920: Կառավարութիւնը 50 միլիոն ռուբլի կը յատկացնէ գիւղատնտեսութեան: Առաջին անգամ ըլլալով մեքենարօրներ Հայաստան մուտք կը գործեն:

82.- մարտ 1920: Ստեղծուեցաւ երդուեալ ատենակալներու դատարանը:

83.- 1 ապրիլ 1920: Ազրպէյճանցիներ կը կազմակերպեն Շուշիի հայութեան կոտորածը: Բախումներ թուրքերու եւ հայերու միջեւ` Ղարաբաղի մէջ:

84.- ապրիլ 1920: Ստեղծուեցաւ ազգային դրամը:

85.- 18 ապրիլ 1920: Երեւանի մէջ կը բացուի Հայաստանի բժշկական համագումարը:

86.- 1 մայիս 1920: Երեւանի մէջ եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան հակակառավարական ցոյցեր:

87.- 5 մայիս 1920: Կարսի, Ալեքսանդրապոլի, Նոր Պայազիտի, Դիլիջանի եւ Իջեւանի շրջաններուն մէջ պոլշեւիկեան խլրտումները ապստամբութեան մը բնոյթը կը ստանան 1920 մայիսի սկիզբը, Ազրպէյճանը կը դառնայ խորհրդային եւ պոլշեւիկ-քեմալական համաձայնութիւնը կը բացայայտուի: Հայրենիքը կը վտանգուի: Ալեքսանդր Խատիսեան խորհրդարանին կը ներկայացնէ իր հրաժարականը: Մայիս 5-ին խորհրդարանը մէկ ամիսով կը ցրուի եւ ՀՅԴ Բիւրոն իր լրիւ կազմով, ամբողջական լիազօրութիւններով ձեռք կ՛առնէ Հայաստանի իշխանութիւնը` զսպելու համար պոլշեւիկեան եւ թուրք-թաթարական ապստամբական համակարգուած շարժումները: Զօրաշարժի կ՛ենթարկուին ոչ միայն բանակի օրինապահ միաւորները, այլեւ` դաշնակցական զինեալ ուժերը: Կը կազմուին ժողովրդական միլիսներ:

Համազասպ (Համօ) Օհանջանեանը իշխանութեան գլուխ կ՛անցնի: Օհանջանեան վարչապետի պաշտօնը կը ստանձնէ 5 մայիս 1920 թուականին եւ այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 23 նոյեմբեր 1920 թուական:

88.- 2 յունիս 1920: Զինուած ուժերուն յատուկ` կը ճշդուի «Սուրբ Վարդան Զօրավար» ու «Մեծն Տրդատ» շքանշանները, որ 26 մայիս 1919 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով հաստատուած էր «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնների համար» շքանշան յանձնելու օրէնքը:

89.- 10 օգոստոս 1920: Փարիզի արուարձան Սեւրի մէջ Ա. Համաշխարհային պատերազմին յաղթած երկիրներու եւ սուլթանական Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու միջեւ կնքուեցաւ հաշտութեան պայմանագիր: Անով Հայաստանը Թուրքիոյ կողմէ կը ճանչցուէր իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն:

90.- 23 սեպտեմբեր 1920: Առանց պատերազմ յայտարարելու` թուրքերը յարձակումի կ՛անցնին: Կը սկսի հայ-թրքական պատերազմը: Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ յարձակած թրքական բանակի հարուածային ուժը Քեազիմ Քարապեքիրի 15-րդ զօրասիւնն (կորպուս) էր, որ ունէր 30 հազար զինուոր:

91.- 13 հոկտեմբեր 1920: Երեւան կը հասնի խորհրդային պատուիրակ Լեկրանը, որ Հայաստանի կառավարութեան կը ներկայացնէ հետեւեալ առաջարկները.

ա.- Հրաժարիլ Սեւրի դաշնագիրէն,
բ.- Արտօնել, որ Կարմիր բանակը զինուած անցնի Հայաստանի վրայէն,
գ.- Հայաստանի սահմաններու հարցը ձգել խորհրդային իշխանութիւններուն:

Հայաստանի կառավարութիւնը կը մերժէ այս պայմանները:

92.- 14 հոկտեմբեր 1920: Խորհրդային Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը որոշում ընդունեց Հայաստանը խորհրդայնացնելու մասին:

93.- 20-26 հոկտեմբեր 1920: Արիւնահեղ կռիւներ` Սուրմալուի ճակատին վրայ: Դրոյի ղեկավարութեամբ հայ բանակը կը ջախջախէ թուրքերը, որոնք այլեւս այդ ճակատին վրայ չեն երեւիր:

94.- 30 հոկտեմբեր 1920: Կարսի անկումը: Թշնամին կը գրաւէ Կարսը` գերի առնելով մօտ 3.000 զինուոր ու զինուորական եւ քաղաքացիական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Երեք օր անընդմէջ թուրքերը Կարսի մէջ զբաղած էին իրենց յատուկ վայրագութիւններով, որոնց զոհ գացին մօտ 6000 հայեր:

95.- 4 նոյեմբեր 1920: Յովհաննէս Քաջազնունի (Իգիթխանեան) Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը կը ստանձնէ, այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1920 թուական:

96.- 18 նոյեմբեր 1920: Կնքուեցաւ զինադադարի համաձայնագիր, որուն պայմանները խիստ ծանր էին Հայաստանի Հանրապետութեան համար:

97.- 23 նոյեմբեր 1920: Համօ Օհանջանեանի կառավարութիւնը կը հրաժարի: Երկու օր ետք Սիմոն Վրացեան կը կազմէ նոր դահլիճ մը, որ համախմբական էր եւ կազմուած` էսէռներու հետ: Սիմոն Վրացեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը կը ստանձնէ 23 նոյեմբեր 1920 թուականին, այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1920 թուական:

98.- 24 նոյեմբեր 1920: Ալեքսանդրապոլի մէջ կը սկսին հայ-թրքական հաշտութեան բանակցութիւններ:

99.- 29 նոյեմբեր 1920: Կարմիր բանակը եւ Պաքուի մէջ կազմաւորուած Հայաստանի ռազմայեղափոխական կոմիտէն, որուն նախագահն էր պոլշեւիկ Սարգիս Կասեանը, մտան Իջեւան, ուր յայտարարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան տապալման եւ Հայաստանի խորհրդայնացման մասին:

100.- 2 դեկտեմբեր 1920: Անմիջական ու հրամայական հարց էր` ամէն գնով համաձայնիլ ռուսերուն հետ Քարապեքիրի անողոք պայմաններէն ազատելու համար, եւ ինչ որ տակաւին կարելի էր փրկել հանրապետութեան հողային տարածքէն ու անոր ժողովուրդէն: Արդարեւ, Ալեքսանդրապոլի մէջ 24 նոյեմբերին սկսած հայ-թրքական հաշտութեան բանակցութիւնները կ՛աւարտին դեկտեմբեր 2-ի լոյս 3-ի գիշերը: 2 դեկտեմբեր 1921 թուականին, քանի մը ժամի տարբերութեամբ, Դրօ եւ Հ. Տէրտէրեան Լեկրանի հետ կը ստորագրեն Հայաստանի խորհրդայնացման համաձայնագիրը, եւ Խատիսեանի պատուիրակութիւնը թուրքերուն հետ` Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը:

Այսպիսով, Հայաստան կը հռչակուի խորհրդային սոցիալիստական հանրապետութիւն: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը հրաժարի իշխանութենէն: Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրով Թուրքիոյ կ՛անցնի 1914 թուականի դրութեամբ Արեւելեան Հայաստանի մէջ մտնող աւելի քան 20.000 քառ. քմ տարածք` Կարսը, Սարիղամիշը, Կաղզուանը, Արտահանը, Օլթին, Սուրմալուի գաւառը: Փաստօրէն հայ-թրքական սահմանը կ՛անցնէր Ախուրեան եւ Արաքս գետերու հունով: Իսկ Նախիջեւանի, Շարուրի, Շահթախթի շրջանները ժամանակաւորապէս կը յանձնուէին Թուրքիոյ, մինչեւ որ այնտեղ տեղի ունենար հանրաքուէ, որուն Հայաստանը պէտք չէր մասնակցէր: Առ այդ, լքուած ու մոռցուած իր «Մեծ դաշնակիցներէն», ենթակայ` թուրքերու եւ պոլշեւիկներու համադրուած դաւերուն, Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը վերջ կը գտնէր:

(Շար. 7 եւ վերջ)


Թուրքերը Կը Շարունակեն Ոգեկոչել Հայոց Ցեղասպանութիւն Իրագործած Մարդասպաններու Յիշատակը. Թուրքիոյ Մէջ Խորհրդաժողով Կազմակերպուած Է «Հայկական Հարցը Եւ Գաւառապետ Քեմալ Պէյը» Նիւթով

$
0
0

ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ

Թուրքիոյ մէջ ապրիլ ամսուան ընդառաջ աւելի յաճախակի կը դառնան հակահայկական խորհրդաժողովներն ու ձեռնարկները: Վերջերս հոն խորհրդաժողով  կազմակերպուած է` «Հայկական հարցը եւ գաւառապետ Քեմալ պէյը» նիւթով։ Այդ մասին կը հաղորդէ «Ակունք»-ը`  վկայակոչելով թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականը:

Աղբիւրին համաձայն, խորհրդաժողովին ելոյթ ունեցած է Իհսան Քուրթը, որ խուսափած է մինչեւ իսկ թրքական պաշտօնական պատմագրութեան կողմէ ընդունուած «տեղահանութիւն» բառէն` Հայոց ցեղասպանութիւնն անուանելով «տեղափոխում» եւ պնդելով, թէ իբր «աքսոր իմաստով կիրարկուող տեղահանութիւն չէ եղած»:

Թուրք «գիտնականը» կրկնած է նաեւ թրքական պաշտօնական պատմագրութեան կեղծ թեզերը, թէ` «քանի որ այն ժամանակ երկիրը կը գտնուէր պատերազմական դրութեան մէջ, ապա նման դէպքերու տեղի ունենալը միանգամայն բնական էր»:

Անդրադառնալով նաեւ Եոզկաթի փոխկառավարիչ եւ Պողազլըեանի գաւառապետ Քեմալ պէյին` Իհսան Քուրթը պնդած է, որ Քեմալը իբր թէ մահուան դատապարտուած է հայկական քարոզչութեան պատճառով:

Յիշեցնենք, որ 1919-1921 թուականներուն հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու մեղադրանքով Պոլսոյ մէջ յարուցուած շուրջ 63 դատական գործերու շարքին առաջինը տեղի ունեցած է Եոզկաթի դատավարութիւնը, որու աւարտին դատարանը, ունկնդրութեան արժանացնելով բազմաթիւ թուրք եւ այլազգի վկաներ, մահուան դատապարտած է Քեմալը` տեղի բազմաթիւ հայերն սպաննելու` կեդրոնէն ստացուած հրամանն ի կատար ածելու համար:

Քեմալին մահապատիժն գործադրուած է 1919 թուականի ապրիլ 10-ին, Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ: Սոյն մահապատիժէն անմիջապէս ետք երիտթուրքերը մեծ ցոյց կազմակերպած են Քեմալի յիշատակին եւ զայն ներկայացուցած` որպէս առաջին «զոհ», ապա մեծ շուքով թաղած են զայն, բան մը, որ անթոյլատրելի էր նման դատապարտեալներու պարագային:

Իսկ հետագային արդէն Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ոչ միայն հերոսացուցած է Քեմալի նման հայասպանները, այլեւ նոյնիսկ թոշակ եւ գոյք տրամադրած է անոնց ընտանիքներուն: Եւ մինչ այժմ Թուրքիոյ մէջ պարբերաբար կը կազմակերպուին նման մարդասպաններու յիշատակը ոգեկոչող ձեռնարկներ:

 

 

Նիկոլ Աղբալեան (1873-1947). Առաքելատիպ Հայը, որ մարմնաւորեց անանձնական եւ գաղափարապաշտ Մեծ Մարդու կերպարը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մարտ 24ը ծննդեան տարեդարձն է առաքելատիպ մեծ Հայուն՝ Նիկոլ Աղբալեանի։

Բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի մշակ, գրական եւ մշակութային արժէքներու անկաշառ պահապան եւ քարոզիչ, ազգային-հասարակական ու պետական-քաղաքական ղեկավար գործիչ, գաղափարապաշտ յեղափոխականի անբասիր դրօշակիր եւ, ըստ ամենայնի, հայոց հոգեմտաւոր կեանքի անձնուէր առաջնորդ մը եղաւ Նիկոլ Աղբալեան, որ իր կեանքը աւարտեց տարագրութեան մէջ՝ իբրեւ մեծ մանկավարժ եւ հանրային դաստիարակ, իր անունը անջնջելիօրէն կապելով Համազգայինի Հայ Ճեմարանին (հետագային «Նշան Փալանճեան», իսկ այժմ «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» Ճեմարան) սերընդակերտ ժառանգութեան։

Բառին խորագոյն եւ ընդգրկուն իմաստով՝ Հայաստանի ու հայութեան արդի ժամանակներ մուտքին եւ ազգային ինքնահաստատումին Առաքեալը եղաւ Նիկոլ Աղբալեան։ Անսակարկ եւ անձնուէր ծառայութեան լծուեցաւ հոն, ուր հայ ժողովուրդը կարիքը ունէր իր տաղանդին, իմաստութեան եւ մղիչ ուժին։ Եւ ուր որ ալ գործեց, Աղբալեան արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ Հայաստան Աշխարհի եւ Հայ Ժողովուրդի ազգային որակին բիւրեղացումը եւ ՀԱՅԱ-ՑՈՒՄը յառաջ մղելու իր կոչումին։

Իսկ ՀԱՅԱՑՄԱՆ մարտահրաւէրը թիւ 1 խնդիրն էր Աղբալեանի եւ իր ամբողջ սերունդին։ Քսաներորդ դարասկիզբին Հայաստանն ու հայութիւնը կը դիմագրաւէին ե՛ւ ֆիզիքական¬ժողովրդագրական, ե՛ւ հոգեմտաւոր առումներով հայացման՝ հայ ազգային որակի ինքնամաքրման եւ բիւրեղացման մարտահրաւէրը։ Դարաւոր գերութիւնը ոչ միայն Հայաստան Աշխարհը վերածած էր եկուոր եւ հայամերժ տարրերով բնակուած խառնարան երկրի մը, այլեւ աւելի հիմնականը՝ այլասերման ու տժգունացման դատապարտած էր նոյնինքն հայ ազգային կերպարը։

Հայոց ազգային¬ազատագրական պայքարը նոր սկսած էր թափ առնել եւ իր առաջին քայլերէն իսկ դէմ յանդիման կանգնած էր ՀԱՅԱՑՄԱՆ մարտահրաւէրին։ Օսմանեան, Ցարական թէ Պարսկական տիրապետութեանց տակ կոտորակուած ու տարտղնուած՝ մեր ժողովուրդը ոչ միայն ամէն քայլափոխի կռնակէն դաշունահար կþըլլար եկուոր եւ հայամերժ տարրերու կողմէ, այլեւ՝ կը բախէր իր իսկ շարքերը վարակած ստրկական համակերպումի եւ սեփական մորթը ամէն գնով փրկելու պատեհապաշտութեան Չարիքին։ Հայը կանգնած էր իր ազգային նկարագիրն ու մարդկային որակը բնորոշող ու պայմանաւորող արժէքներն ու արժանիքները վերջնականապէս կորսնցնելու ծանրագոյն վտանգին առջեւ։ Ազատ աշխատանքի, արժանապատիւ կեանքի եւ հոգեմտաւոր լոյսի արարման համար ամէն կարգի բռնութեան, կաշկանդումի եւ ստրկացման դէմ ծառացող Հայկ Նահապետի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի մարմնաւորած ՀԱՅը ուծացման անդունդն ի վար թաւալգլոր անկումի մէջ էր։

Հարկ էր շրջել պատմութեան կործանարար անկումի ընթացքը։

Հարկ էր վերականգնել Հայաստան Աշխարհին եւ հայ ժողովուրդին ազգային նկարագիրն ու դէմքը՝ ե՛ւ էութեամբ, ե՛ւ աշխարհաքաղաքական իմաստով, ֆիզիքապէ՛ս։

Նիկոլ Աղբալեան ա՛յս առումով եղաւ առաքեալը հայ ազգային որակի եւ Հայաստան Աշխարհի ՀԱՅԱՑՄԱՆ՝ ինքնամաքրման եւ բիւրեղացման մեծ մարտահրաւէրին արժանաւորապէս ընդառա՛ջ քալելով, յաղթակա՛ն սլացք նուաճելով։

Ծնած Թիֆլիս՝ 1873ի Մարտ 24ին, Աղբալեան համեստ ընտանիքի զաւակ էր։ Թիֆլիսի Նեսիսեան վարժարանը եւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը աւարտելէ ետք, նուիրուեցաւ ուսուցչութեան եւ գրական-քննադատական յօդուածներով կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ ատենի թիֆլիսեան հեղինակաւոր «Մուրճ» ամսագրին՝ անմիջապէս ուշադրութիւն գրաւելով եւ հռչակի արժանանալով։ Հակառակ նիւթական իր անձուկ պայմաններուն, ամէն ճիգ թափեց եւ յաջողեցաւ բարձրագոյն ուսման դասընթացքներու հետեւիլ Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լօզանի համալսարաններուն մէջ։

Երիտասարդ տարիքէն Աղբալեան միացաւ Դաշնակցութեան եւ իր ամբողջ կեանքն ու հասարակական գործունէութիւնը կապեց իր պաշտած կուսակցութեան, որուն հոգեմտաւոր եւ բարոյական աւանդներու ստեղծման մէջ անզուգական ներդրում ունեցաւ։

1900ականներու սկզբնաւորութեան, Նիկոլ Աղբալեան արժանաւորապէս իրագործեց հայոց հոգեմտաւոր աշխարհի հայացման իր առաքելութեան առաջին փուլը։ Հունաւորե՛ց ռուսական եւ եւրոպական ազատախոհ ու յառաջադէմ արժէքներով հայ գրական-մշակութային կեանքը պատուաստելու եւ վերաշխուժացնելու ազգային ուղին։ Իր անբաժան զինակից Յովհաննէս Թումանեանի հետ՝ յառաջապա՛հը եղաւ Թիֆլիսի հայ երիտասարդ մտաւորականութեան «Վերնատան հանդիպումներ»ու կազմակերպումին եւ աշխուժացումին։ Դարձաւ դրօշակիրը քսաներորդ դարասկիզբի հոգեմտաւոր այն մեծ շարժումին, որ հայոց բազմադարեան հարստութեան վերանորոգումին մէջ տեսաւ եւ արմատաւորեց վաղուան հայ մշակոյթի որակական ոստումին ակունքները։

1909էն 1912 Աղբալեան վարեց Թեհրանի հայոց ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, իսկ 1913ին՝ Թիֆլիս վերադառնալով, Արշակ Ջամալեանի հետ խմբագրեց Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ը, որ մինչեւ Հայաստանի անկախութեան կերտումն ու Հանրապետութեան հռչակումը արեւելահայ իրականութեան մէջ կատարեց հանրային լուսաւորումի մեծ գործ՝ ամբողջացնելով առաքելութիւնը Պոլսոյ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ին, որ արեւմտահայ իրականութեան մէջ մտաւորական վերածնունդի հնոց դարձած էր։

Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ, Նիկոլ Աղբալեան յառաջամարտիկներէն եղաւ Հայոց Ազգային Խորհուրդի ստեղծումին՝ իր հեղինակութիւնն ու կազմակերպական շնորհը ծառայեցնելով Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին ու յաղթարշաւին։ Իսկ երբ ռուսական զօրքերու նահանջին հետ Արարատեան Դաշտը լեցուեցաւ արեւմտահայ գաղթականութեամբ, Աղբալեան հոգածու հօր անձնուիրումով փարեցաւ գաղթականներու պատսպարման, սնման եւ բուժման դժուարին գործին։

Հայաստանի անկախացումով՝ պատգամաւոր ընտրուեցաւ յաջորդաբար Հայաստանի Խորհուրդին եւ Հայաստանի Խորհրդարանին՝ 1918-1919 պատմական նշանակութեամբ մեծ ներդրում ունենալով Հայաստանը թաթարներէ մաքրելու գործին մէջ։ 1919էն սկսեալ, Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան մէջ ստանձնելով Լուսաւորութեան նախարարի պատասխանատուութիւնը, Աղբալեան հիմը դրաւ Երեւանի Պետական Համալսարանին, ինչպէս եւ ստանձնեց պետական հովանաւորութիւնը նորահաս արժէքներու, մինչեւ անգամ Չարենցի օրինակով օրուան դաշնակցական իշխանութեանց հակադրուած այլախոհ գրողներու եւ մտաւորականներու, ի սպաս հայ մշակոյթի եւ արուեստի պետական ծաղկումին։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Աղբալեան իր կարգին, Փետրուար 9ին, ձերբակալուեցաւ եւ բանտ նետուեցաւ պոլշեւիկներու կողմէ, որոնց գործադրած չարչարանքներէն եւ հաւատաքննչական խժդուժութիւններէն փրկուեցաւ միայն Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութեան շնորհիւ, երբ ըմբոստացած ժողովուրդը խուժեց բանտերը եւ պոլշեւիկեան կապանքներէն ազատ արձակեց իր պաշտած հերոսներն ու հեղինակութիւնները։

Ապստամբութեան ընկրկումէն ետք եւ Հանրապետութեան դաշնակցական ղեկավարութեան երկրէն հեռացումին հետ, Աղբալեան անցաւ Ատրպատական, ուրկէ՝ կարճ ժամանակ ետք՝ մեկնեցաւ Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս։ Մինչեւ 1928 մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալեց Եգիպտոսի մէջ, ուր Լեւոն Շանթի հետ նախաձեռնեց «Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Միութեան» հիմնադրութեան։ Այնուհետեւ՝ երկուքով անցան Պէյրութ (Լիբանան), ուր 1930ին հիմնեցին Համազգայինի «Հայ Ճեմարան»ը։

Մինչեւ 15 Օգոստոս 1947ի իր մահը, Լեւոն Շանթի կողքին անխոնջ կանգնած՝ Աղբալեան ծաւալեց ե՛ւ մանկավարժական, ե՛ւ հայագիտական եռուն գործունէութիւն։ Դասաւանդեց Հայ Գրականութեան Պատմութիւն, Գրաբար հայերէն եւ Հայ Մատենագիտութիւն։ Նաեւ՝ Ժողովրդային Լսարաններ կազմակերպեց, որպէսզի տարագիր ու գաղթական հայութեան լայն բազմութիւններուն մէջ սերմանէ հայ մշակոյթին եւ արուեստին պաշտամունքը։

Այդ տարիներու իր տքնաջան աշխատանքին արգասիքը եղան գրական¬քննադատական, բանասիրական եւ ազգային¬գաղափարաբանական իր արժէքաւոր գործերը։ Այդ շարքին՝ «Սայաթ¬Նովա» մենագրութիւնը, «Հայ Մատենագիտութիւն» դասագիրքը, «Մտածումներ Հ.Յ.Դաշնակցութեան մասին» կոթողական աշխատութիւնը ու համազգային հնչեղութեամբ առանձին դէմքերու եւ դրուագներու նուիրուած իր արժէքաւոր յօդուածները։

Առիթով մը եւ Ճեմարանի առաքելութեան անդրադառնալով՝ Աղբալեան գրած է, թէ «Ճեմարանը մի տաճար է, ուր կþաղօթեն հայ մշակոյթի սուրբերուն»։ Հայացման մեծ առաքեալին համար, խորքին մէջ, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդն էին այդ «Ճեմարան»ը, ուր Աղբալեան Մեծ Հայուն անձը, կեանքն ու վաստակը անլռելի աղօթք մը եղան ի պահպանութիւն, օրհնութիւն եւ վերամկրտութիւն հայ հոգիի սրբութիւններուն։

Այդ ներշնչումով ալ Հայկական Ազատամարտի գաղափարական եւ բարոյական արժէքներուն անկրկնելի մեկնաբանն ու քարոզիչը եղաւ Աղբալեան, որ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ սորվեցուց իրերայաջորդ սերունդներուն, շարքային կուսակցականներ ըլլան անոնք թէ Հայաստանի ու հայութեան պաշտամունքով ապրող անկուսակցականներ։

Եւ Նիկոլ Աղբալեան անուն Առաքելատիպ Հայուն ու Մեծ Մարդուն ծննդեան տարեդարձին ձօնուած յուշատետրի ամենամեայ վկայութեանց շարքին այսօրուան էջը կարժէ եզրափակել՝ լուսարձակի տակ բերելով հատուած մը Դաշնակցականութեան այս անկրկնելի ուսուցիչին խորաթափանց մտածումներէն.
– «Դաշնակցականն իր անձին մէջ վերակազմում է նոր հայութեան տիպարը, բորբոքելով ժառանգական արութեան կայծերը, որ մնացած են անթեղուած եւ յարաճուն խիզախութեամբ խարանելով ու սպի- ացնելով ժառանգական ստրկութեան վէրքերը։

«Այս բարոյական յեղաշրջումը ամենից աւելի յատկորոշ գիծն է մեր կուսակցութեան։
«Սասունցի Դաւթի աւանդական տիպարն է, որ [կուսակցութիւնը – Ն.] կենդանացնում է «դաշնակցական»ի մէջ, յեղաշրջելով մի դարաւոր մտայնութիւն։ Այս յեղաշրջման ճամբին «դաշնակցական»ը կորցընում է շատ անձնական շահեր եւ խզում է շատ թանկագին կապեր, բայց նրա աչքին չեն երեւում այդ կորուստները, որովհետեւ մի կողմից խթանում է Կանոնագրի» [դաշնակցականի երդման մէջ սահմանուած] պահանջը՝ «ամէն ջանք թափել», որին նա յանձնառու է դարձած, միւս կողմից կշտամբում կամ քաջալերում է նահատակ ընկերների թանկագին յիշատակը, որ հսկում է անմար. ընկերներ, որ ոչ մէկ բանով պակաս էին նրանից եւ յաճախ շատ բանով առաւել, եւ որոնք սակայն մեռան պայքարի ճամբին, կուսակցութեան դրօշը թողնելով իրան։

«Դաշնակցականն այսպիսով մի ուրոյն բարոյական աշխարհ է, ուրոյն ըմբռնումներով ու բարքերով, որ ստեղծում եւ սնուցանում է ուրոյն տիպարներ։

«Համեմատեցէք ուրիշ քաղաքական կուսակցութիւններ նրա հետ եւ կը տեսնէք անդնդախոր տարբերութիւնը։

«Սա ոչ թէ շահակից անձերի միութիւն է, այլ արիացող տիպարների ընկերութիւն։
«Այստեղ ոչ թէ անձնական եւ նիւթական շահն է, որ կապում է մարդկանց, այլ բարոյական ուխտի նոյնութիւնն է, որ դարձնում է ընկեր եւ Ծրագիր Կանոնագրի միութիւնը՝ համընթաց»։

Սպանութիւններով Յիշատակուող Տարածքներ` Սուր, Նուսայպին Եւ Ճիզրէ

$
0
0

 

ՍԵՐՏԱՐ ՔՈՐՈՒՃՈՒ
Թարգմանեց ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԸ

Տիգրանակերտի Սուր, Մարտինի Նուսայպին (Մծբին) եւ Շըրնաքի Ճիզրէ գաւառները 100 տարի առաջ էլ էին սպանութիւններով յայտնի, Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով:

Վերջին 1,5 տարուայ ընթացքում Տիգրանակերտի Սուր, Մարտինի Նուսայպին (Մծբին) եւ Շըրնաքի Ճիզրէ գաւառները յիշատակւում են միայն սպանութիւններով: Իսկ պատճառը Անգարայի կողմից որպէս յատուկ գործողութիւն ներկայացուած, սակայն շրջանում միայն աւերում բերած ժամանակաշրջանն է: Սակայն սա առաջին անգամը չէր: Մօտ 100 տարի առաջ էլ սոյն շրջանները յայտնի էին սպանութիւններով, Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով… Ըստ Տիգրանակերտի քաղաքապետարանի կայքէջում տեղ գտած արձանագրութիւնների, 1913 թ. Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ հայկական եկեղեցի Սուրբ Կիրակոսի զանգակատունը յարձակման պատճառով քանդուել է, որի փոխարէն` նախորդից աւելի երկար, 29 մեթր բարձրութեամբ նորն է կառուցուել: Աշտարակի վրայ Զիլճիյեանների կողմից տեղադրուած զանգը, իսկ վերեւում էլ 3 մ  24 յարգի ոսկէ խաչ էր տեղադրուել:

Իսկ որոշ ժամանակ անց  շքեղ զանգակատունը հրետակոծութեան պատճառով քանդուել է: Քաղաքապետարանի կայքում ընդամէնը այսքան տեղեկութիւն է հաղորդւում, սակայն պատճառները չեն նշւում: Միակ յայտնի պատճառն այն է, որ այն աւելի բարձր էր, քան` շրջապատում եղած մինարէները…

Տիգրանակերտի հայկական թաղամասում իրականացուած յատուկ գործողութեան միջոցով «մարդկանց որսը»

1914 թ.` այդ աւերումից մօտ մէկ տարի անց, Տիգրանակերտի քաղաքի կենտրոնում գտնուող հայկական թաղամասը յատուկ գործողութեամբ շրջափակւում է: Ըստ Ռայմոնտ Գէորգեանի «Հայոց ցեղասպանութիւն» գրքի, որը թուրքերէնով հրատարակուել է 3 տարի առաջ, 1915 թ. ապրիլ ամսուայ կէսերին` ապրիլի 16-ին, վերջին քայլն է արւում. սկսում են «մարդկանց որսը»: Այդ նպատակով թաղամասը ժանտարմերիայի, ոստիկանութեան,  չերքեզ աւազակախմբերի եւ աշխարհազօրայինների կողմից շրջափակւում է: Նպատակն էր հարեւան տների կտուրներում թաքնուած «դասալիքներին» ձերբակալելն ու ապրիլ ամսուայ սկզբին Տիգրանակերտի նահանգապետ դոկտոր Ռեշիտի կողմից արձակուած հրամանի կիրառումը, այն է` զէնքերն յանձնելը, որի համար նրանք  մտնում էին տներ ու գտնուած զէնքերը հաւաքում: Սակայն, ըստ հայ ականատեսների, ձերբակալուածներից ոմանք դեռեւս զինուորական ծառայութեան չկանչուած երիտասարդներ էին: Տների խուզարկութիւնները ընթանում էին բռնութիւններով ու բռնաբարութիւններով: Այդ գործողութեան պատճառով քաղաքի առաջադէմ մարդկանց էլ ներառեալ` մօտ 300 տղամարդկանց ձերբակալում են ու գցում քաղաքի կենտրոնում գտնուող բանտը:

Տիգրանակերտի հայերի կողմից ինքնապաշտպանութեան չդիմելու որոշումը

Ապրիլի 19-ին եպիսկոպոսաց խորհրդի անդամների, եկեղեցական պատուիրակների ու բարեգործական միութիւնների ձերբակալումից մէկ օր անց` ապրիլի 20-ին, հայկական եպիսկոպոսարանում ժողով է հրաւիրւում: Նրանց ձերբակալել էին կա՛մ փախչողներին իջեւան տալու, կա՛մ էլ փախչելու հարցում օգնելու համար: Օրակարգը յայտնի էր` ինքնապաշտպանութեան դիմելո՞ւ էին, թէ՞ ոչ: Առկայ պայմաններում ձեռք առնուելիք միջոցները հաշուի առնելով, եթէ անգամ խօսւում էր ապստամբութիւն կազմակերպելու մասին, հակառակ որոշում  է կայացւում: Քաղաքի առաջադէմ անձինք ոչ մի բան չձեռնարկելու որոշում են կայացնում, քանի որ նրանց ձեռքում պաշտպանական հնարաւորութիւնները սահմանափակ էին, եւ ամենաշատը կարող էին մէկ ամիս դիմանալ…

Այս ժողովից յետոյ` ապրիլի 21-ի առաւօտեան, Տիգրանակերտի քաղաքական կուսակցութեան առաջնորդները ձերբակալուեցին, նրանց քաղաքի փողոցներով պտտելով` խոշտանգում էին: Իսկ մայիսի 11-ին հերթը հասաւ քաղաքի վերնախաւի ներկայացուցիչներին: Այդ անձանց շարքում կային` պետական պաշտօնեաներ, փաստաբաններ, մտաւորականներ, առեւտրականներ, բանկիրներ, արքեպիսկոպոս Անդրէաս Չելեպեանը, բողոքականների հոգեւոր հովիւ Յակոբ Անտոնեանը եւ այլ եկեղեցականներ: Ձերբակալուածներին խոշտանգել են: Նրանց պատճառաբանութիւնն այն էր, թէ փորձում են իմանալ թաքցուած զէնքերի տեղն ու ստիպել խոստովանել «ապստամբութեան» ծրագրեր մշակելը: Նրանց տաքացած երկաթներով այրել են, եղունգները պոկել, գլուխները կախոցի մէջ դրել ու ոտքերին նալ խփել: Այս ընթացքում, երբ բազմաթիւ մարդիկ էին սպաննւում, եպիսկոպոս Մկրտիչ Չըղատեանի տանջանքները ժողովրդի աչքի առջեւ շարունակւում էին: Խոշտանգողների կողմից հանուել են նրա ատամները, քունքերը տաք երկաթով այրել են, աչքերը հանել եւ դհոլ-զուռնայով քաղաքի մուսուլման թաղամասերով ընդհանուր տօնական տրամադրութեամբ շրջել:  Տիգրանակերտի Ուլու մզկիթի բակ տարուելու ժամանակ պետական պաշտօնեաների ու եկեղեցականների թողտուութեամբ կաթիլ-կաթիլ քարիւղ են լցրել նրա վրայ ու վառել:

Պետութեան ձեռքով ապատեղեկատուութեան տարածման օրինակ Քոզանտերէում

Երբ սկսուեց աքսորը, Տիգրանակերտի քաղաքապետ դոկտոր Ռեշիտի կողմից ուղղորդուած քարոզչութեան ուղղութեամբ վերջին քայլն արուեց: Տիգրանակերտից հարաւ` մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ տեղակայուած Չարաքըլը գիւղի մօտակայքում գտնուող Քոզանտերէում քրդերն ու «Թեշքիլաթը մահսուսէ»-ի հետ կապ ունեցող աւազակախմբերը արդէն շրջանում պատրաստ կանգնած էին, ու մի քարաւան ոչնչացուել է: Խոշտանգուած ու սպաննուած հայերի դիերին մուսուլմանների հագուստ էին հագցնում, գլուխները ծածկում եւ նկարում էին: Լուսանկարները բազմացնելով` նախ Տիգրանակերտում, ապա` Պոլսում ու նոյնիսկ Գերմանիայում տարածում էին  որպէս «հայ ապստամբների» բերած աղէտի զոհեր…

Մայրի՛կ, ի՞նչ է սա

Տեղահանուածների մէջ ողջ էր մնացել նաեւ 1915 թ. 5 տարեկան հասակում եղած Կարապետ Մկրտչեանը: Փրոֆեսէօր Վերժինէ Սվազլեանին իր պատմութիւնը բանաւոր հաղորդած Մկրտչեանը իրենց` քաղաքից դուրս հանուելը հետեւեալ կերպ է նկարագրում. «1915 թ. մեզ յանկարծակի աքսորեցին: Ես շատ փոքր էի, բայց Տիգրանակերտում ինչքան մարդ կար, բոլորին դուրս հանեցին: 15 տարեկան քեռիս ինձ իր ուսերին առաւ: Մայրս էլ փոքրիկ եղբօրս գրկած` քայլում էր: Այս բաները լաւ եմ յիշում: Ինձանից 6 տարի մեծ եղբայրս` Նշանը, տատիկիս ձեռքը բռնած` քայլում էր: Քայլելու ժամանակ մեզ ձեռնափայտով, մտրակով, թրերով հարուածում էին»:

Բազմաթիւ մարդկանց մահուանն ականատես եղած ընտանիքը կարողացաւ փրկուել այն բանի շնորհիւ, որ մայրերը դերձակ էին: Հետագայում Հալէպում, Պէյրութում եւ Հայաստանում ապրած Մկրտչեանի յիշողութեան մէջ Մարտինի ճանապարհն այսպէս է մնացել. «Մինչեւ 1918 թ. մնացինք: Այդ շրջանում համաներման հրաման արձակուեց. ով ցանկանում էր, կարող էր վերադառնալ հայրենի բնակավայր: Մայրիկս մի մեծ ուղտ էր գնել, այդ ուղտը վաճառեցինք, նրա փոխարէն մի աւանակ գնեցինք: Ինչ ունէինք-չունէինք` բարձեցինք վրան: Մայրս էլ նրա վրայ նստեց: Ճանապարհ բռնեցինք դէպի Մարտին: Մարտինի ճանապարհին մայրս մեզ իր մօտ կանչեց, մի փոսի մօտ ծնկի եկաւ, այդ փոսի մէջ մարդկանց բազմաթիւ ոսկորներ կային: Ոսկորները հանեց ու համբուրեց: Մենք դրան նշանակութիւն չտուեցինք: Քանի որ մենք մոռացել էինք հայերէնը, քրտերէնով հարցրեցինք. «Մայրի՛կ, ի՞նչ է սա», նա պատասխանեց. «Սրանք մեր քոյր-եղբայրների ոսկորներն են…»:

Սուրսայր թրերով` հայերի յետեւից. Նուսայպին

Հայոց ցեղասպանութիւնը կատարուել է նաեւ մէկ այլ տեղում` Տիգրանակերտի վիլայեթին կից Մարտինի սանճաքում գտնուող Նուսայպինում: «Պելկէ» հրատարակչութեան կողմից հրատարակուած Իվ Թեռնոնի «Մարտին 1915 թ.»  գրքի համաձայն, Նուսայպինում ջարդերը սկսուել են 1915 թ. օգոստոսի 16-ին: Առաջին սպաննուածները քաղաքի առաջադէմ մարդիկ էին: Այնուհետեւ տղամարդիկ ու կանայք սպաննուեցին: Շրջանի բոլոր հայերը սպաննւում էին, միայն Սինճար փախածներն են կարողացել փրկուել:

Նուսայպինը միեւնոյն ժամանակ շրջանով անցնող տեղահանուածների ճանապարհին եղած մահուան կանգառներից մէկն էր: Ըստ Գէորգեանի, Մարտինում ողջ մնացած վերջին տղամարդիկ, այսինքն` զինուորական ծառայութեան կանչուածները, աւելի ուշ փոքր կարաւաններով Նուսայպինի ճանապարհին սպաննւում էին: Մարտին ուղարկուած աւազակներն ու այլ քիւրտ աշիրեթներ այդ ընթացքում աշխուժօրէն մասնակցում էին հիւսիսից եկող աքսորեալների կարաւանները ոչնչացնելու գործին: Խարբերդից ու Էրզրումից եկած 2 հազար մարդ էլ սեպտեմբերի 14-ին Նուսայպինում սպաննուեց:

Նուսայպինի հիւսիսարեւելեան մասում գտնուող հնագոյն քաղաքի մնացորդներով յայտնի Տարան էլ էր որպէս մահուան հովիտ ընտրուել: Օրինակ` 1915 թ. յուլիս ամսին էրզրումցի 7 հազար աքսորական սպաննուեց: Նրանց դիերը նետւում էին հսկայական բիւզանդական ջրամբարներ:

Գերմանացի հիւպատոսի օգնական Հոլշթէյնը Նուսայպինի հարաւում գտնուող ճանապարհի ողջ երկայնքով մէկ սուրսայր սրերով շրջող մուսուլմանների էր հանդիպում:

Ճիզրէն Ցեղասպանութեան ընթացքում. քրիստոնեաների կոկորդն էին կտրում

Նուսայպինի նման` Մարտինի սանճաքում գտնուող մէկ այլ վայր էլ Ճիզրէն էր: Ըստ Գէորգեանի, Թուր Ապտինի ապստամբութեան պատճառով Ճիզրէի կենտրոն մինչեւ օգոստոսի 28-29 կոտորած չէր նախապատրաստւում: Երբ սկսուեցին կոտորածները, նախ եւ առաջ թիրախորուեցին ուղղափառ ու կաթոլիկ ասորի հոգեւորականները: Դրանից յետո  բոլոր հայ տղամարդկանց հետ մի քանի ուղղափառ ու կաթոլիկ ասորի տղամարդիկ էլ են ձերբակալւում, կտտանքների ենթարկւում ու սպաննւում: Շրջանում բնակուող համայնքներն իրենց ղեկավարների սադրանքով եւ կանոնաւոր բանակի միջնորդութեամբ անասելի բռնութիւն են կիրառում:

Ըստ ականատեսների վկայութիւնների, Ճիզրէի ծայրամասային թաղամասերում քրիստոնեայ տղամարդկանց կոկորդները մատաղացու գառան նման կտրում էին, դիերը գցում Տիգրիս գետը: Իսկ կանանց ու երեխաներին սեպտեմբերի 1-ին լաստ են նստեցնում ու ուղարկում Մոսուլ: Այդ ընթացքում «բախտաւորներին» քրտերը փախցնում էին, իսկ մնացածին` ջրի մէջ խեղդում: Ըստ Թեռնոնի, Տիգրիս գետը լի էր դիերով: Մոսուլի ժողովրդին մէկ ամիս շարունակ ասւում էր, որ չխմեն Տիգրիս գետի ջրից: Հայերէն մի ողբ խեղդամահ եղողների շուրթերին էր. «Գետերը գիտեն, թէ քրտերը մեզ ի՛նչ արեցին. մեզ տանջեցին, սպաննեցին ու ջուրը նետեցին»:

Լուսանկարը` Houshamadyan.org-ի արխիւից

https://m.bianet.org/bianet/insan-haklari/185826-adi-olumle-anilan-topraklar-sur-nusaybin-ve-cizre

«Ակունք»

 

Ինչպէ՞ս Նուազեցնել Աղքատութիւնը

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Ի վերջոյ պէտք է ընդունիլ, որ աղքատութեան ներկայ ծաւալները չեն կրնար մշտնջենական ըլլալ Հայաստանի մէջ: Անոնք կառավարութեան (կամ մեզի) պիտի չսպասեն «բարելաւուելու» համար: Մենք ունինք ուշիմ, տաղանդաւոր եւ ձեռներէց ժողովուրդ մը, որ ձեռնածալ պիտի չնստի եւ պիտի չսպասէ, որ պետական համակարգը բարեհաճի մաքրել տնտեսութիւնը իր մակաբոյծներէն (մենաշնորհի տէրերէն): Ան դուրս պիտի գայ իր հայրենի տնտեսութենէն եւ պիտի գաղթէ:

Հայաստանի կողքին նստած է Ռուսաստանի հսկայածաւալ տնտեսութիւնը, որ անյագ ախորժակ մը ունի հայկական աշխատուժին համար: Այս վերջինը իր տարերային մագնիսականութեամբ պիտի շարունակէ խմել մեր աշխատուժը եւ հետզհետէ հալեցնել աղքատութեան ծաւալները Հայաստանի մէջ: Մենք, որպէս ազգ, ոչինչ ընելու պարտադրանքին տակ կը գտնուինք, եթէ մեր միակ նպատակը աղքատութիւնը չքացնելն է… Այդ հարցը լուծուած համարեցէք: Աղքատութեան հարցը լուծելու ամէնէն հեշտ ձեւը այս է: Հարցը ինքզինք պիտի լուծէ:

Բնականօրէն այս ձեւը կը կացինահարէ մեր երկրի լինելիութեան արմատները եւ, հետեւաբար, մենք պարտաւորուած ենք այս դիւրին ճամբան մերժելու: Մենք պարտաւորուած ենք մեծ քանակութեամբ ԻՐԱԿԱՆ աշխատատեղեր ստեղծելու, եւ այդ մէկը կարելի է միայն ազգային եկամուտի վերաբաշխման հարցը լուծելով: Այսինքն` տնտեսութեան ներքին վերաներդրումային հոլովոյթը առողջացնելով, որ իր կարգին կ՛ենթադրէ` մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդումը, մրցակցային դաշտի վերականգնումը, տնտեսութեան շնչերակներու վերաբացումը:

Խնդիրը այն է սակայն, որ պետական համակարգը այլեւս ձգձգման լուսանցքներ չունի: Աղքատութեան հարցի լուծման առաջին կերպարը (model), որ վերեւ նկարագրուած տարերային կերպարն է, արդէն իր աշխուժ ընթացքին մէջ է: Պետական համակարգը այդ խոյացող վայրաշարժին ետեւէն ՀԱՍՆԵԼՈՒ խնդիր միայն ունի այսօր: Լոզունգներն ու բանաձեւերը վարկաբեկուած են ի սկզբանէ: Արագ, վճռական, արմատական եւ արդիւնաւէտ գործի ժամանակն է: Արդէն շատ խօսուեցաւ այն մասին, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ ՀՀ վարչապետը յառաջիկայ ապրիլին: Ո՛վ ալ որ ըլլայ, պէտք է յստակ գիտնայ, որ արդէն իսկ ետ մնացած է ինք: Արդէն իսկ ժամանակը սկսած է քալել իր քաղաքականութեան վրայէն: Ասիկա այն վարչապետն է, եւ այն կառավարութի՛ւնը, որ մեղրալուսին պիտի չունենայ: Այն վարչապետն է, որ ընդդիմութիւն չունի, բայց ունի հուժկու ախոյեան մը իր դիմաց: Հայկական աշխատուժին համար մրցող ռուսական եւ համաշխարհային շուկա՛ն:

Եւ այս անհաւասար (բայց տակաւին յուսալի) պայքարին մէջ զինք իր թիկունքէն հարուածողը ոչ այլ ոք է, քան` իր անմիջական մերձաւորութեան մէջ գտնուող մենաշնորհային համակա՛րգը: Այսքա՛ն պարզ:

21 մարտ 2018
Ուաշինկթըն

 

Խաժակ Տէր Գրիգորեանի 77-ամեակի Յուշ-Երեկոյ

$
0
0

Չորեքշաբթի, 21 մարտին, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ, Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ակնառու գործիչ Խաժակ Տէր Գրիգորեանի 77-ամեակին նուիրուած յուշ-երեկոյ:

Դահլիճը լեցուն էր: Այնտեղ էին ՀՅԴ ղեկավար մարմիններու անդամներ, շարքային դաշնակցականներ, մեծ թիւով երիտասարդներ, Խաժակ Տէր Գրիգորեանի հարազատները եւ հիւրեր:

Ձեռնարկը մեկնարկեց Խաժակ Տէր Գրիգորեանի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած ժապաւէնով, որուն մէջ մանրամասնօրէն կը խօսուէր հայրենիքի մէջ Դաշնակցութեան վերահաստատման առաջին տարիներուն եւ այդ շրջանին Խաժակ Տէր Գրիգորեանի կատարած հսկայածաւալ աշխատանքին մասին:

Այնուհետեւ խօսք առին Խաժակ Տէր Գրիգորեանի հետ ՀՅԴ պայքարի ճանապարհին ոտք դրած եւ իրենք զիրենք անոր աշակերտը համարող` կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը, «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանի լրատուական բաժինի տնօրէն Գեղամ Մանուկեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի Մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահբազեանը:

Անոնք իրենց ելոյթներուն մէջ Խաժակ Տէր Գրիգորեանը ներկայացուցին ո՛չ միայն իբրեւ նուիրեալ դաշնակցական ու տեսաբան, այլ նաեւ` գիտնական, հեղինակ եւ, անշուշտ, որպէս երիտասարդութեան կրթութեան ու հայեցի դաստիարակութեան մեծագոյն ջատագով:

Երեկոյի եզրափակիչ մասով հանդէս եկան Կոմիտասի անուան պետական լարային քառեակը, երգիչներ Սահակ Սահակեանը եւ Մկրտիչ Մկրտչեանը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Արտաշէս Շահբազեանին խօսքը` ամբողջութեամբ:

Արցախեան զարթօնքի շնչով հայրենիքում վերահաստատուելու նախօրեակին Դաշնակցութեան մասին Հայաստանում աղօտ պատկերացում գոյութիւն ունէր: Այդ պատճառով կարեւոր էր, թէ ո՛ւմ ձեռքերով կը դրուէին անցեալի միֆական մշուշով պարուրուած կուսակցութեան նոր կառոյցի հիմնաքարերը:

Բախտաւոր եղաւ կուսակցութեան հայաստանեան նոր սերունդը, որ Դաշնակցութեանը ճանաչեց Խաժակ Տէր Գրիգորեանի եւ իր նման գործիչների կերպարներով: Սկզբում թուաց, թէ եկողը դեռ Դաշնակցութիւնը չէ, Դաշնակցութեան սուրհանդակն է: Մարտական ու պետականակերտ կուսակցութիւնը դեռ կը գայ` շռնդալից պաթոսով ու ուժի ցուցադրութեամբ: Յետոյ հասկանալի դարձաւ, որ սխալը մեր պատկերացումն էր, իսկ արդէն եկածը հէնց իսկական Դաշնակցութիւնն էր` անաղմուկ եւ քչախօս, իսկ շատ հարցերի վերաբերեալ` չխօսկան, աւելի շատ լսող, համբերատար-հանդուրժող ու մշտազբաղ:

Ճիշդ ինչպէս` ՀՅԴ Բիւրոյի հայաստանեան առաջին գրասենեակի պատասխանատու Խաժակ Տէր Գրիգորեանը: Իսկապէս էլ ժամանակային տարածութիւն պէտք է անցնես այդպիսի մարդկանց եւ երեւոյթների հետ` նրանց ինչ-որ չափով ճանաչելու համար: Իրենց հետ` բացայայտելու արժէքներ եւ պատասխանատուութիւններ, որոնք յաճախ առօրէականի չափ դիւրամարս են թւում, ակնյայտ, ինչպէս` դասագրքային ճշմարտութիւնները եւ` հեշտ ընդօրինակելի, քանի դեռ ինքդ չես կանգնել նոյնպիսի ընտրութեան առջեւ:

Հիմնաւոր կրթութիւն ստացած, տարիների ինքնակատարելագործման դպրոցով անցած, լայն մտահորիզոնի, գիտելիքների հարուստ պաշարի տէր հայագէտ գիտնական էր ընկեր Խաժակը` պատմաբան եւ բանասէր: Մարդ, ով հնարաւորութիւն էր ունեցել ընտրելու գիտութեան մշակի խաղաղ, բարեկեցիկ կեանքը: Նա, սակայն, իր ներսի մտաւորականին ստիպել էր քայլել ազգային-կուսակցական գործչի ետեւից: Գերադասել էր ապրել` որպէս ազգային-կուսակցական պարտականութեան զինուոր եւ քարոզիչ, թաթախուել ուրիշների համար գուցէ ձանձրալի կամ անհրապոյր առօրեայ կազմակերպական մեծ ու փոքր հարցերի մէջ, ընդ որում` առանց աղմուկի եւ ցուցադրութեան: Ու միայն անհատնում գործերից խլուած ժամանակի հաշուին գրած եւ կազմուած աշխատութիւնները պիտի բացայայտէին շրջապատի համար այն երկրորդ, համեստաբար ետեւից քայլող, գիտելիքի կրթութեան ու ստեղծագործութեան մարդուն:

Կցկտուր ակնարկներից իմացել էինք նաեւ, որ իր դաշնակցական ծառայութիւնը ուղեկցուել էր վտանգներով, հալածանքով ու բանտարկութեամբ, որոնց վէրքերը նոյնպէս սքողուած էին բարի ժպիտի, փափուկ-ներողամիտ ու բարեկիրթ վարքի ետեւում:

Միւս կողմից` մեղմ, հանդուրժող բնաւորութիւնը խաբկանք կը թուար նրանց համար, ովքեր կը փորձէին փորձութեան ենթարկել ընկեր Խաժակի սկզբունքայնութիւնը, հակադրուել գաղափարական արժէքներին, որոնց այնպէս էր դաւանում` կարծես ձուլուած էր դրանց պողպատեայ կաղապարով: Միաժամանակ եւ այն լաւ ուսուցիչն էր, որ պատրաստ էր ձեռքը բռնած երկար ճանապարհ անցնել անգամ դժուար աշակերտի հետ, եթէ նրա մէջ տեսնում էր ազգային սկիզբը եւ նուիրումի կայծը:

Ոչ երկար ժամանակահատուած ընկեր Խաժակը գլխաւորեց Դաշնակցութեան հայաստանեան կազմակերպութիւնը, եւ այդ ընթացքում դրսեւորուեց մարդկանց հետ յարաբերուելու նրա իւրայատուկ շնորհքը, համբերատարութիւնը, գործ կազմակերպելու եւ գործի յարաշարժ մեքանիզմ աշխատեցնելու ունակութիւնը` շրջահայեացութիւնը եւ պահանջկոտութիւնը: Բացայայտուեց դաւանանքի վերածուած գաղափարականութիւնը, սէրն ու սրտացաւութիւնը նորաստեղծ պետութեան ու տրամաթիք ժամանակի մէջ ապրող ժողովրդի հանդէպ, ինչպէս եւ ի շահ այդ ամէնի` պայքարելու, ըմբոստանալու կամքը: Նրա մէջ նստած` գործի եւ ոչ աղմուկի ու կեցուածքի հերոս յեղափոխականը:

Նա Հայաստան էր ներգաղթել հայրենիքի համար տագնապների ու բազում կարիքների օրերին, իմ տպաւորութեամբ, սակայն, ընկեր Խաժակը վայելում էր հայրենիքում ապրելու երջանկութիւնը: Նա իր մէջ այնքան էր փայփայել հայրենիքը, որ կարծես այստեղ էր ծնուել ու մեծացել: Մանաւանդ որ, չնայած բոլոր մտահոգութիւններին ու անյարմարութիւններին, հոգեկան բաւարարութեամբ էր կիսում հայրենաբնակ հայ ժողովրդին բաժին ընկած ճակատագիրը:

Անհանգիստ էր այդ ճակատագրի համար եւ ցաւ էր ապրում, որ այդպիսի բախտորոշ ժամանակահատուածում այդպիսի բախտախնդիր իշխանութիւն պիտի տնօրինէր երկրի ղեկը, հասկանում էր, որ առանց հիմնարար բարեփոխումների` երկրին լաւ ապագայ չի սպասւում: Սիրում ու ցաւում էր տիրոջ պէս, որ վերադարձել էր երկիր` այրելով ետեւում մնացած կամուրջները, մայր հողում արմատ ձգելու վճռակամութեամբ, որ չնայած բոլոր անակնկալներին` իրագործուեց ու այդ իրագործումը շարունակւում է իր ժառանգների միջոցով:

Ընկեր Խաժակի համար ազգային, կուսակցական արժէքներն ու չափանիշները անսակարկելի էին, եւ այն տեսլականները, որոնց ծառայելուն նուիրել էր կեանքը, հէնց կազմում էին իր գոյութեան իմաստը, իր երջանկութեան աղբիւրը: Եւ հէնց այդ անշահախնդիր նուիրումի կենդանի օրինակ լինելն էր գերում, կաշառում բոլոր նրանց, ովքեր իր հետ առնչուելով` մտերմանում եւ հարազատանում էին հետը: Ինքն իր շուրջը սերմանում էր իր որակները, որոնք ծիլեր էին տալիս շրջապատողների մէջ:

Խաժակ Տէր Գրիգորեանը Դաշնակցութեան ակնառու գործիչներից էր, ում փորձառութիւնն ու վաստակը տասնամեակների անմնացորդ, գիտակցուած, անշահախնդիր եւ անկեղծ նուիրումի արդիւնք էին: Երբեք իր խօսքից ու կեցուածքներից չեզրակացրեցինք եւ միայն ուրիշներից իմացանք, որ Հայաստան էր վերադարձել արդէն իսկ հարուստ ու գնահատուած կենսագրութեան բեռով: Պարտականութիւններ էր իրականացրել երիտասարդութեան դաստիարակութեան մարզում, եղել էր համալսարանական դասախօս, զբաղուել էր մամուլի, քարոզչութեան, հրատարակչական հարցերով, յայտնուել էր ժամանակի ազգային կեանքի փոթորկայոյզ ալեկոծումների կենտրոնում, Իրանում մաս էր կազմել կուսակցական կառոյցի ղեկավարման գործին եւ ապա եղել էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:

Տարիների փորձութիւններից չէր կոտրուել, չէր յոգնել, մնացել էր պայքարի, զրկանքի ու զոհաբերութեան պատրաստակամ մարտիկ, ով խորին հաւատ ունէր Դաշնակցութեան անցեալի, ներկայի եւ ապագայի առաքելութեան հարցում: Նայելով նրան` կարելի էր պատկերացնել Դաշնակցութեան անցեալի մեծերին, կարծես մէկն էր Զաւարեանների, Աղբալեանների, Վարանդեանների, Նաւասարդեանների փաղանգից: Նրանցից մէկը, ովքեր հետագայ ընթացքի համար կուսակցութիւնը լիցքաւորել են բարոյական ուժով: Հաստատել են չափանիշ, որ պարտադրում է, ինչպէս հայելու առջեւ, չափել սեփական հասակը, համեմատութեան եզրեր փնտռել, յստակեցնել արժեչափերն ու արժէքներին հաւատարմութիւնը, ինչ անելն ու ինչպէս անելը` բարոյական աւանդոյթի սահմանադրութեանը համապատասխան:

 

Անդրադարձ. 1918-ի Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Օրերը Գ.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Խալիլ փաշան իր առաջին այցելութենէն քիչ ժամանակ ետք, (հոկտեմբեր 1918, ՅՉ) գաղտնի եւ թուագրեալ հեռագիր ուղարկեց: Հեռագիրը կարդացնել տուի, եւ ի յայտ եկաւ, որ ան կ՛ուզէր երկրորդ անգամ այցելել Արամին` Երեւան, բայց անյայտ վայրի մը մէջ եւ բոլորովին գաղտնի, ըսելով, որ Արամին կարեւոր յայտնութիւն մը պիտի կատարէ:

Հեռագիրը հաղորդեցի Արամին: Ան շատ զարմացաւ եւ խորհուրդս հարցուց ոչ թէ ընդունելութեան մասին, որուն համար անմիջապէս իր համաձայնութիւնը տուաւ, այլ` այն մասին, թէ` ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պէտք էր տեղի ունենար:

Ես խորհուրդ տուի այդ տեսակցութիւնը կազմակերպել Երեւանէն դուրս, գիշերուան ժամը երկուքին:

Արամը համաձայնեցաւ եւ իսկոյն, թուագրեալ (ծածկագիր, ՅՉ) եղանակով հեռագրեցի Խալիլին` յայտնելով նշանակուած վայրը (եւ ժամը, ՅՉ):

Խալիլ իր ինքնաշարժով եկաւ Երեւանի կայարանէն կէս ժամ հեռու, ամայի ժամադրավայրը: Բացի Արամէն եւ ինձմէ` ոչ ոք կար այնտեղ:

Բաշգեառնիի Միլլի ձորը (4)                                                       Խալիլ 409.5 թոն ցորեն կը ղրկէ (4)

Խալիլը առաջնորդեցի իր կառքին քովի ինքնաշարժս: Ան յուզուած ու ջղագրգիռ երեւոյթ մը ունէր: Հակառակ ասոր` նորէն ողջագուրեց Արամը եւ ըսաւ. «Ինծի մեծ ծառայութիւն մատուցեցիր»:

Արամը հարցուց, թէ բանը ինչո՞ւմն էր:

Խալիլ մէկական ծխախոտ հանեց եւ Արամին ու ինծի տուաւ: Մենք ըսինք, որ չենք ծխեր, վախնալով, որ մի գուցէ ծխիկները թոյն կը պարունակէին: Բայց Խալիլ նոյն տուփէն ծխեց: Դեռ չէր խօսէր եւ մտատանջ կ՛երեւէր:

Արամը կրկին հարցուց. «Բարեկա՛մ Խալիլ, բանը ինչո՞ւմն է. շատ մտատանջ կ՛երեւիս»:

«Արա՛մ ջան, լուրերը մեզի համար շատ վատ են: Անգլիացիները (եւ ֆրանսացիները, 19 սեպտեմբեր 1918-ին, ՅՉ) հայերուն հետ միասին մեծ հարուած տուած են թրքական բանակին Արարայի մէջ (Պաղեստին, Ռաֆաթ-Արարա բարձունք, 5000 հայ լեգէոնականներ պարտութեան մատնեցին 12000 հաշուող թրքական բանակը, ՅՉ): Թրքական բանակը ջախջախուած է, խառնիճաղանճ խուժանի պէս` ցիր ու ցան եղած: Անգլիացիները մեզի կը հետեւին եւ կը մաքրագործեն թրքական ուժերը:

Պուլկարիան (դաշնակից` գերման-օսմանեան-աւստրօ-հունգարական կողմին, ՅՉ) հաշտութիւն խնդրած է արդէն: Մենք ալ հաշտութիւն պիտի խնդրենք: Ուրիշ ելք չկայ, քանի որ դաշնակից բանակներն ալ Ամերիկայէն եկած ահագին նոր` մեծաթիւ թարմ ուժով յարձակած են Հինտենպուրկեան գիծին (գերման արեւմտեան ճակատի ռազմական պատնէշ, ՅՉ) վրայ, ճեղքած են զայն եւ, գերմանացիներուն մեծ հարուած տուած (սեպտեմբեր 29-10 հոկտեմբեր 1918): Անոնք նոյնպէս յուսահատութեան մատնուած են: Մօտ ատենէն անոնք ալ զինաթափ կ՛ըլլան: Յաղթանակը ձերն է: Մենք որոշած ենք այս ճակատէն (Կովկաս, ՅՉ) բոլորովին հեռանալ եւ Էրզրում (Կարին, ՅՉ) քաշուիլ: Մեր նահանջէն ետք դուք կրնաք գրաւել (վերատիրանալ, ՅՉ) մեր լքած վայրերը: Թերեւս Էրզրումը նաեւ ստիպուինք յանձնել ձեզի: Այս գաղտնիքները ձեզի կու տամ` իբրեւ հին բարեկամ»:

Արարայի ճակատամարտի հայ լեգէոնականներէն խումբ մը

Ես կը զարմանայի, որ թուրք մը այնքա՜ն սրտբաց կերպով, տակաւին մեզի համար անյայտ դէպքերու մասին, այսպիսի կարեւոր տեղեկութիւններ կու տար: Թէեւ, միւս կողմէ, կ՛ուրախանայի, որ վերջապէս պիտի հասնէինք մեր սուրբ նպատակին, բայց չէի կրնար բացատրել, թէ ինչո՞ւ թուրք մը մեզի պիտի յայտնէր այդ բոլորը:

Արամը իր պաղարիւնութիւնը պահելով, մտիկ կ՛ընէր` սպասելով վերջաւորութեան: Խալիլ վերջապէս ըսաւ.

«Արա՛մ ջան, ըսի, որ մենք պէտք է փախչինք: Եւ այդ ճիշդ է: Բայց մէկ բան մեզի, մանաւանդ զիս  անձնապէս կը մտահոգէ: Կը վախնամ, որ մեր փախուստի ժամանակ հայերը մեր կռնակէն մեզ կը սպաննեն»:

«Հայերը փախչող զինուորին կռնակէն չեն սպաններ», ըսաւ Արամ:

Ես ուրախացայ, որ Արամը այդ հպարտ եւ ազնիւ պատասխանը տուաւ:

«Արա՛մ ջան, եթէ ամէնքը քեզի պէս ըլլային, այդ ըսածդ ճիշդ կ՛ըլլար: Բայց ի՞նչ կ՛ուզէք… Այնքան բան պատահած է, որ հայերը կրնան շփոթել լաւը վատին հետ: Ես եղած եմ միշտ ձեր բարեկամը: Այդ մէկը դուն գիտես»:

«Այո՛, գիտեմ»:

«Բայց կրնան զիս ալ ուրիշներու պէս նկատել եւ սպաննել: Ես քեզմէ մէկ բան կը խնդրեմ»:

«Ի՞նչ: Պատրաստ եմ կատարելու, եթէ ինձմէ կախեալ է»:

«Քեզմէ պիտի խնդրէի, որ երկու-երեք հայ տրամադրէիր ինծի, որ առանձնապէս զիս առաջնորդէին մինչեւ Էրզրում եւ ըսէին. «Սա մեր բարեկամն է, պէտք չէ վնաս հասցնել անոր»:

1. Առաջին Հանրապետութեան բանակի զէնքերէն` Մոսին, Լեպէլ, Լէուիս գնդացիր, Մաուզեր ատրճանակ եւ այլն 2. Խալիլ սնտուկներով փամփուշտ կը ղրկէ ճշդուած վայր

Ես կը մտածէի, որ որքա՛ն վատ պէտք է ըլլայ զօրավար մը, որ միայն ի՛նք անձնապէս իր ապահով փախչելուն մասին խորհի` լքելով վտանգի ենթակայ իր  բոլոր զինուորները: Բայց կը տեսնէի, որ Արամը չէր նկատեր այդ մէկը եւ կ՛ուզէր ամէն կերպով օգտակար դառնալ իր բարեկամին: Ան վայրկեան մը լռութենէ ետք ըսաւ.

«Խալի՛լ ջան, դարձեալ կը կրկնեմ: Հայը կռնակէն չի կրակեր, մանաւանդ` փախչողի ետեւէն: Բայց խօսք մը ըսիր, որ մտածել կու տայ: Այնքա՜ն շատ զուլում (անիրաւութիւն, աղէտ, մեծ չարիք, ՅՉ) գործուած է (ձեր կողմէ, ՅՉ), որ սրտցաւ հայ մը կրնայ իր վրէժը քեզմէ առնել` առանց նայելու թէ ո՛վ ես, լա՞ւն ես, թէ՞ վատը: Այդ մասին իրաւունք ունիս: Ես չեմ կրնար երաշխաւորել, որ ոչինչ կրնայ պատահիլ: Իսկ քեզի առանձինն առաջնորդելու երեք զինուոր տրամադրելու խնդիրը…»:

Այդտեղ Արամ քիչ մը եւս մտածեց` գետին նայելով եւ ինծի նայելով: Ապա շարունակեց.

«Խալի՛լ, դուն ինծի խնդրանք մը ներկայացուցիր կարեւոր յայտնութիւններ կատարելէ ետք: Ես ալ քեզի յայտնութիւն մը ընեմ եւ խնդրանք մը ներկայացնեմ քեզի իբրեւ հին բարեկամ: Եթէ ընդունիս, այն ժամանակ ես ալ քու խնդրանքդ կատարելու խոստում կու տամ»:

Ես զարմացայ այս սակարկութեան վրայ:

Խալիլ աչքերը բացաւ եւ Արամին նայեցաւ քիչ մը յուսալից, քիչ մը մխիթարուած.

«Արա՛մ, ըսիր, թէ` «Սիրով պատրաստ եմ կատարելու, եթէ ինձմէ կախեալ է»: Ես ալ նոյնը կ՛ըսեմ: Եթէ իմ կողմէս բան մը կայ կատարելիք, քեզի համար սիրով կ՛ընեմ: Խնդրանքդ ըսէ»:

«Խալի՛լ, մեզի համար ամէն բանէ աւելի փամփուշտն է, որ կը պակսի»:

Այս յայտնութեան վրայ ակնարկս Արամի դէմքին վրայ սեւեռեցի: Մտքով ըսել կ՛ուզէի. «Այս ի՜նչ անհեռատեսութիւն է, որ այսպիսի յայտնութիւն կ՛ընես»: Բայց ան առանց ինծի նայելու` շարունակեց.

«Սարդարապատի ճակատամարտին մէջ, եթէ դուք 5-6 ժամ եւս դիմանայիք, մենք կը պարտուէինք, որովհետեւ բնաւ փամփուշտ չէր մնացած»:

Հռիփսիմեան օրիորդաց վարժարան, միաժամանակ` Հայաստանի խնամատարութեան եւ աշխատանքի նախարարութիւն` 1918-1920 , Ամիրեան 28-6

Կ՛ուզէի դիտողութիւն ընել, բայց արդէն ուշ էր: Արամը հասկցաւ, որ կը դժգոհէի, բայց դարձեալ շարունակեց.

– «Գիտեմ, որ Կարսի մէջ ահագին փամփուշտ ունիք: Այդ փամփուշտները ամբողջապէս իմ ճշդած վայրս կը յանձնէք: Ստանալէս ետք ես ալ երկու-երեք հաւատարիմ պահակներ կու տամ, որ քեզ առաջնորդեն մինչեւ Էրզրում` ողջ առողջ»:

Յաղթանակ տարած ըլլալու երեւոյթով Արամ հպարտութեամբ ինծի նայեցաւ: (Արամի այս ինքնավստահ առաջարկը Խալիլին դրական նախընթաց մը ունէր, տես` վերջին պարբերութիւնը):

Խալիլ պատասխանեց. «Կարսի այդ փամփուշտները ինչպէ՞ս կրնամ յանձնել ձեզի, քանի որ Կարսի զինուորական հրամանատարը` Քէօր Հիւսէյն փաշան հայերուն ամենամեծ թշնամին է»:

«Կարելին ըրէ, Խալի՛լ, ժամ առաջ Հիւսէյն փաշային հեռացուր այլ վայր: Թող առաջին գործդ այդ ըլլայ: Այնուհետեւ փամփուշտի ամբողջ մթերքը մեզի յանձնէ նշանակած վայրիս մէջ, եւ ես զանոնք ստանալէս ետք անմիջապէս քեզի չորս հաւատարիմ եւ քաջ զինուոր կու տամ, որ քեզ ողջ առողջ Էրզրում առաջնորդեն»:

«Լա՛ւ, կը կատարեմ այդ», ըսաւ Խալիլ եւ, դարձեալ Արամին հետ ողջագուրուելէ ետք, նստաւ իր ինքնաշարժը եւ սլացաւ դէպի թրքական սահման:

Արամին հետ քիչ մը վիճաբանեցայ այդ մասին, Խալիլին մեկնելէն ետք: Բայց Արամը չէր ուզէր լսել որեւէ դիտողութիւն: Ան ինչ որ կը վճռէր, կը կատարէր, լաւ կամ ոչ: Ես իմ դիրքովս բնականաբար չէի կրնար անոր հակառակիլ:

Յաջորդ օրը իմացանք, որ Քէօր Հիւսէյն փաշան փոխադրուած էր արդէն ուրիշ վայր: Նոյն օրն իսկ ստացանք քանի մը սնտուկ փամփուշտ:

«Տեսա՞ր», ըսաւ Արամը:

Ես տակաւին կասկածամիտ էի, քանի որ ոչ թէ միայն չորս սնտուկ փամփուշտ, այլ ամբողջը եւ բոլոր ռազմամթերքը մեզի պէտք էր մնար, եթէ պիտի կատարուէր Խալիլին խոստումը:

Երկրորդ օրն ալ եկան բաւական քանակութեամբ սնտուկներ եւ խնդրանք` Արամին յիշեցնող իր խոստումը: Արամը նոյն օրն իսկ հրահանգեց իր չորս քաջ զինուորներուն` Խալիլ փաշան ողջ առողջ Էրզրում հասցնել»: Վերջ Շահխաթունիի յուշագրութեան:

Ռուբէն «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» եօթներորդ հատորին մէջ հետեւեալը կը վկայէ, թէ` Խալիլի առաջին այցելութենէն ետք, նմանապէս` «Արամի անձնական կապին շնորհիւ, Խալիլ փաշան Հայաստանին շնորհեց 25 հազար փութ (409500 քիլօ, կամ 409.5 թոն. ռուսական հին ծանրութեան չափ` մէկ փութ=16 քիլօ 380 կրամ) ցորեն` գաղթականներուն համար եւ հրահանգեց Բաշ Գեառնի շրջանի Միլլի ձորին մէջ բնակող թաթարներուն` հեռանալ (դէպի) տաճկական հողեր, հայ գաղթականներուն տեղ բանալու համար: Ահա այս երկու դրական կարգադրութիւններէն օգտուեցաւ Հայաստանը: Եկած ցորենը բաժնուեցաւ սովահարներուն: Իսկ Միլլի ձորը զօրքով եւ թնդանօթներով դատարկուեցաւ թաթարներէն» (4):

17 փետրուար 2018
(Շար. 3)

—————————————–

(3) «Արամը», հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, 1969, տպարան Համազգային, Պէյրութ, էջ 495-507:
(4) «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Ռուբէն Տէր Մինասեան, 7-րդ հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 1979, Պէյրութ, էջ 145-146:

* Ծանօթ` դժբախտաբար այս եւ այլ յուշագրութիւններու մէջ կը պակսին լրիւ անուններ` անուն-մականուն եւ թուականներ. կարելի միջոցներով երբեմն կը յաջողինք ամբողջացնել եւ վերականգնել պատմութիւնը, նաեւ` լուսանկարներով:

 

 

Դիմաւորել 100-Ամեակը 11. Յառաջադէմ Ազգի Գիտակցութիւն Եւ Հպարտութիւն

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Տօներու բարձրախօսային աղմուկին մէջ արդարօրէն կը խօսուի իրենց ժամանակը դրոշմած ծանօթ անուններու մասին: Բայց կարգախօսային աղմուկը յաճախ կը մոռցնէ` դէպքեր, նուաճումներ, որոշումներ եւ դէմքեր, որոնք այսօր ալ կրնան հպարտութիւն պատճառել մեր ժողովուրդին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Միայն հեռաւոր անցեալին չի վերաբերիր խօսքը, այլ նաեւ` մեզի համեմատաբար մօտ օրերու:

Հակառակ իր սեղմուած եւ հիւծած վիճակին, 14.000 քառ. քմ տարածութեան սահմաններէն ներս, անդրանիկ հանրապետութիւնը հանդիսացաւ յառաջադէմ եւ արդիական: Մեր ժողովուրդը վհատելու բազմաթիւ պատճառներ ունեցած է եւ ունի, զորս տեւաբար կը կրկնենք այնքան, որ հայը կ՛ունենայ հոգեկան ընկճուածութիւն: Այսպէս, եթէ տեւաբար խօսուի, որ դարեր շարունակ հալածուած ենք, ջարդուած, տեղահանուած, Ցեղասպանութեան ենթարկուած, օտարացած եւ ձուլուած, զանգուածը եւ մանաւանդ նորահաս սերունդը կը մատնուին յուսալքման:

Ինչո՞ւ չենք խօսիր այն մասին, որ մենք ԺԲ. դարուն ունեցած ենք մեծ բժիշկ Մխիթար Հերացին, որ գրած է բժշկական գիրք` «Ջերմանց մխիթարութիւն» անունով: Իր անունով  կը կոչուի Երեւանի բժշկական համալսարանը:

Մեզի աւելի մօտ, ունեցած ենք մեծ աստղագէտ Վիկտոր Համբարձումեանը (1908-1996), հիմնադիրը մեր փոքրիկ երկրի մեծ աստղադիտարանին: Հպարտութիւն. մեր փոքրիկ ժողովուրդին գիտնականը, դուրս գալով Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան սահմաններէն,  եղած  է Միջազգային աստղագիտութեան միութեան փոխնախագահ (1948-1955), ապա` նախագահ (1968-1972): Փակագիծ մը բանանք: Միջազգային հռչակի տիրացած կամ այդ ձգտումը ունեցող հայեր եւ ծագումով հայեր թող իմանան, թէ ինչպէ՛ս մեծութիւնը ուրացման չէ տարած մեծ գիտնականը: Ան ըսած է. «Ամէն մէկը պէտք է իր պարտքը համարի ուսումնասիրել հայոց լեզուն, գրագէտ լինի հայերէնում, անկախ նրանից` ինչպիսի տոկոս է կազմում նրա մէջ հայկական արիւնը»: Ինքնութիւն պահել լեզուով եւ օտարախօսութիւնը յառաջդիմութիւն չհամարել: Այս մեծ մարդուն մէջ վառ մնացած է ազգին հանդէպ պարտքի գիտակցութիւնը: Արցախեան շարժումի օրերուն, 9 սեպտեմբեր 1990-ին, ինք ալ Զօրի Բալայեանին հետ հացադուլ յայտարարած էր, երբ Միխայիլ Կորպաչեւը լուծած էր Ղարաբաղի օրինական իշխանութիւնը: Երկու օր ետք, երբ Կորպաչեւը շնորհաւորած է իր ծննդեան տարեդարձը եւ` խնդրած, որ դադրեցնէ հացադուլը: Հայ գիտնականը նամակաբերին ըսած է. «Խնդրում եմ` Միխայիլ Սերգէյեւիչին փոխանցել, որ եթէ ինքը խնդրում է դադարեցնել քաղաքական ձեռնարկումը, ապա կարող էր նշել նաեւ հացադուլ յայտարարած իմ ընկերների անունները: Թէ չէ, մի տեսակ լաւ չի ստացւում: Նրան նաեւ փոխանցէք, որ մենք կը գնանք մինչեւ վերջ, եւ որ անձամբ ես երբեք չէի դիմի նման ծայրայեղ միջոցի, եթէ վստահ չլինէի իմ իրաւացիութեանը»: Փառքը չէր փոքրացուցած  հայը:

Հարիւրամեակ է: Առաջին անկախ հանրապետութիւնը կարճատեւ եղաւ: Բայց այդ երկուքուկէս տարիներուն աշխարհին ցոյց տուինք, որ մենք յառաջադէմ, արդիական եւ արդար ըլլալու ատակ ժողովուրդ էինք: Երբ Եւրոպայի յառաջադէմ երկիրներէն շատեր իրենց կիներու քուէարկելու իրաւունք չէին տուած եւ անոնք իրենց խորհրդարաններուն մէջ ընտրուած կին երեսփոխաններ չունէին, Ֆրանսան այդ իրաւունքը կիներուն տուաւ միայն 1945-ին, Հայաստանի անդրանիկ ընտրուած խորհրդարանը ունեցած է երեք կին երեսփոխաններ:

Յիշենք անունները` բժշկուհի Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան, Ժընեւ ուսանած Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեան, Վարվառա Սահակեան: Երեքն ալ մասնակից եղած են ոչ միայն խորհրդարանական աշխատանքին, այլ նաեւ մասնակից` առողջապահութեան, որբերու, նպաստամատոյցի, համաճարակներու դէմ պայքարի եւ կրթութեան աշխատանքներուն: Խորհրդայնացումէն ետք Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան` Արամ Մանուկեանի այրին, իր մանուկ դստեր` Սեդային հետ մնացած է Հայաստան, Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանը իր զաւակին հետ յաջողած է դուրս գալ երկրէն եւ հուսկ հաստատուիլ Փարիզ, ուր նուիրուած է գրականութեան եւ աշխատած է Նանսէնեան գրասենեակին մէջ, իսկ Վարվառա Սահակեանը, Հայաստանի խորհրդարանի առաջին նախագահ Աւետիք Սահակեանի (հայր Աբրահամի) կինը, յաջողած էր ամուսինին հետ հասնիլ Պէյրութ, ուր ծաւալած էր բարեսիրական գործունէութիւն` Հայ օգնութեան խաչի շրջանակին մէջ:

Հայաստան ունեցած է աշխարհի առաջին կին դեսպան` Տիանա Աբգարը: Որքան լաւ պիտի ըլլար, որ այս չորս կիներուն մասին յաճախ խօսուէր, անոնց կեանքի մանրամասնութիւնները դառնային սեփականութիւնը նորահաս սերունդին, որպէսզի հայուհիները գիտնային, որ իրենք ալ հայ կեանքին մասնակցելու իրաւունք եւ պարտականութիւն ունին, այսօր թերեւս` աւելի քան երբեք, քանի որ իրենք ալ նուաճած են գիտութիւն, ուսման բարձր մակարդակ: Երբ աշխարհի մէջ այսօր կիներու իրաւունքներուն եւ հաւասարութեան համար պայքար կը մղուի, հայուհիներ մասնակից եղած են հայ կեանքին, ոչ միայն բարեսիրական աշխատանքներու համար: Այսինքն հայը ոչ ոքէ ետ մնացած է, ինչ կը վերաբերի  ընկերային հաւասարութեան եւ արդարութեան: Այս ծանօթացումը ուրիշներէ ետ մնացած չըլլալու հպարտութիւն կը ներշնչէ եւ թափ կու տայ կազմակերպական եւ յանձնառու աշխատանքի մասնակցութեան:

Ըսել նաեւ, որ այս կիները ունէին շնորհ եւ գիտութիւն եւ զանոնք ծառայեցուցին իրենց ժողովուրդին, հռչակի հասնելու համար ուրիշներու դրան առջեւ չկանգնեցան:

Այս հպանցիկ նշումները կարելի է ընդլայնել, կրկնել ի հարկին, որպէսզի հայը, ո՛ւր ալ գտնուի, գիտնայ, որ ինք կրնայ տեւել ոչ թէ վերացականութեամբ, այլ` իր պատմութիւնը շարունակելով:

Մխիթար Հերացի կամ Վիկտոր Համբարձումեան, Կատարինէ Մանուկեան, Պերճուհի Բարսեղեան, Վարվառա Սահակեան եւ Տիանա Աբգար օրինակներ են, օրինակելի են նոյնքան, որքան է Աղբիւր Սերոբի կին առասպելական Սօսէ Մայրիկը, կամ` մեր օրերու Արցախի ազատագրական կռիւներուն մասնակցած ազատամարտիկ կիները:

Յառաջադէմ ազգի գիտակցութիւնը կար առաջին հանրապետութեան օրերուն, եւ ան շարունակուած է: Հարիւրամեակի տօնախմբութիւնները, գիտաժողովները, ձայնասփիւռային եւ հեռատեսիլային հաղորդումները, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, որոնց կուրծք տուած ենք եւ դեռ կու տանք, պէտք է վեր առնեն այն հպարտութիւնը, որ կրաւորականութիւնը պարտութիւն է անհատական եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ:

100 տարի ետք կրկին հնչած է հայրենատիրութեան ժամը, որ փոխանորդներով չի կրնար տեղի ունենալ: Պատնէշի վրայ գտնուելու հպարտութիւնը հարկ է վերագտնել եւ փոխանցել: Այլապէս ամեակ եւ ամեակներ կը ծառայեն երգիչներով, պարողներով  եւ բարձրախօսներով զուարճացնելու ձանձրացողներ եւ զբօսաշրջիկներ:

Այսինքն վերականգնած հպարտութեամբ պէտք է պատասխանել Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման` առանց ընդարմացած մնալու հայրենիքի հանդէպ պղատոնական սիրով կամ խիղճ հանդարտեցնող բարեսիրութեամբ:

Հարիւրամեակի հունով եկած պատասխանը պարզ եղած է եւ է. առանց Հայաստանի` հայութիւն պիտի չըլլայ, առանց հայու` Հայաստանը աշխարհագրական անուանում մը կ՛ըլլայ:

13 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան


22 Մարտ 1920.- Արցախ Ապստամբեցաւ Ազերիական Բռնագրաւման Սպառնալիքին Դէմ

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մարտ 22-ը հայոց յուշատետրին մէջ կը բանայ ուսանելի էջը ազերիական բռնագրաւման, եղեռնագործութեան եւ հայաթափումի լուծին դէմ Արցախի հայութեան պատմական առաջին ապստամբութեան:

1920 թուականի մարտ 22-ին Արցախի լեռնային թէ դաշտային բոլոր շրջաններուն մէջ հայութիւնը ընդհանուր ապստամբութեան ձեռնարկեց մուսաւաթական Ազրպէյճանի ձեռնարկած բռնագրաւման ու տիրապետական յարձակողականին դէմ:

1905-ին եւ 1918-ին ալ Արցախի տարածքին արիւնալի ընդհարումներ արձանագրուած էին հայերու եւ ազերի թաթարներու միջեւ: Երկու պարագաներուն ալ ռուսական եւ թրքական ծաւալապաշտական ախորժակները գրգռիչ դեր խաղացած էին` Անդրկովկասի մէջ հայեւթաթար կենակցութիւնը ազգամիջեան հակադրութեան, թշնամանքի ու արիւնահեղութեան անդունդը գլորելու առումով, տարածաշրջանը բաժնելու եւ տիրելու` մեծապետական հակակշռի տակ պահելու նպատակով:

Բայց 22 մարտ 1920-ի Արցախի հայոց ընդհանուր ապստամբութիւնը եկաւ նոր էջ բանալու ազգամիջեան ընդհարումներու արիւնալի այդ պատմութեան մէջ:

Առաջին անգամ ըլլալով Ազրպէյճան անունով հիմնուած թաթարներու մուսաւաթական պետութեան դէմ Արցախի հայութիւնը զինեալ ապստամբութեան դիմեց` ազերիական լուծը թօթափելու եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան միանալու որոշումով ու հաստատակամութեամբ:

Այդպէս, օդէն ինկած անակնկալ որոշում մը չէր Արցախի հայոց ապստամբութիւնը: Այսպէս կոչուած` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան 1918-ի «ստեղծման» օրերէն իսկ մուսաւաթական իշխանութիւնները հետեւողականօրէն յառաջ մղեցին հայապատկան այս երկրամասի տարածքին հայոց տիրական ներկայութեան ազգագրական քարտէսը փոխելու, հայերը կոտորելով եւ հեռացնելով` հայկական տարածքները յափշտակելու եւ իւրացնելու «ազգային մաքրազտումի» իրենց քաղաքականութիւնը:

Ազերի թաթարներու հայատեացութիւնը հրահրելով եւ խուժան ամբոխի միջոցով հայ բնակչութիւնը խժդժութեանց ենթարկելով` մուսաւաթականները քայլ առ քայլ յառաջ մղեցին այդ քաղաքականութիւնը: Հայերու դէմ պարբերական յարձակումները, սպանութիւնները եւ ալանթալանը մնայուն կենսակերպի վերածուեցան մուսաւաթական Ատրպէյճանի մէջ: Եւ որքան մօտեցաւ խորհրդային իշխանութեանց Անդրկովկասին «վերատիրանալու» պահը, այնքան կատաղի դարձան մուսաւաթականները` հակահայ իրենց «մաքրազտումի» քաղաքականութեան մէջ:

Ահա՛ այդ մթնոլորտին մէջ 19 փետրուար 1920-ին Ազրպէյճանի մուսաւաթական ղեկավար Սուլթանովը վերջնագիր ներկայացուց Արցախի Հայոց ազգային խորհուրդին` «շտապօրէն վերջնական լուծում տալու Արցախը Ազրպէյճանի Հանրապետութեան անբաժանելի մասը ընդունելու հարցին»:

Արցախի Հայոց ազգային խորհուրդը 23 փետրուարէն մինչեւ մարտի 4-ը գումարեց իր 8-րդ համագումարը եւ որոշեց մերժել Սուլթանովին վերջնագիրը: Աւելի՛ն. համագումարի պաշտօնական պատասխանը դատապարտեց մուսաւաթական իշխանութիւնները, որ առանց Արցախի հայութեան Ազգային խորհուրդի հաւանութեան` ազերի զօրքեր մտցուցած էին հայկական տարածքներ եւ փետրուար 22ին լայնածաւալ խժդժութեանց` կոտորածներու եւ հրկիզման ենթարկած էին անզէն հայերն ու անոնց բնակավայրերը` Խանքենդի եւ Ասկերանի շրջաններուն մէջ, ինչպէս եւ` Շուշի-Եվլախ ճանապարհին:

Մինչ Սուլթանովի կառավարութիւնը կատաղօրէն հակազդեց համագումարի մերժողական պատասխանին եւ անմիջապէս պահանջեց Ազգային խորհուրդին լուծարումը` իբրեւ իրաւական եւ օրինական ոչ մէկ հիմք ներկայացնող մարմինի, Արցախի հայութեան կողմէ ընտրուած ներկայացուցչական մարմինը դիմեց դիւանագիտական յատուկ նախաձեռնութեան. Դաշնակից ուժերու դիւանագիտական լիազօրներուն, Անդրկովկասի երեք հանրապետութեանց դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն եւ Անդրկովկասի մէջ խորհրդային իշխանութեանց լիազօրի ներկայութեան, Ազգային խորհուրդը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Արցախի հայութիւնը պիտի պարտաւորուի ինքնապաշտպանութեան իր օրինական իրաւունքը զէնքով հաստատագրելու, եթէ մուսաւաթական իշխանութիւնները շարունակեն իրենց հակահայ «ազգային մաքրազտում»-ի քաղաքականութիւնը:

Այդպէ՛ս, Սուլթանովի կառավարութեան անդրդուելի կամակորութեան հակադարձելով` 22 մարտին Արցախի հայութիւնը պարզեց ընդհանուր ապստամբութեան դրօշը:

Ազերիները անշուշտ պատրաստուած էին եւ հայոց ապստամբական առաջին գործողութիւնները ռազմադաշտի վրայ պարտութեան մատնուեցան: Հետեւեցան լայնածաւալ ազերիական յարձակումներ: Շուշիի գլխաւոր մասը կազմող հայկական թաղերը քար ու քանդ եղան, հազարաւոր անզէն հայերու արիւն հեղեցաւ եւ հայկական տուներն ու խանութները կողոպտուեցան եւ կրակի տրուեցան® Աւելի քան հազար հայեր Շուշիի մէջ ձերբակալուեցան եւ բանտ նետուեցան:

Սկզբնական այդ պարտութենէն հերոսական Արցախի հայութիւնը արագօրէն վերականգնեցաւ: Բուռն կռիւներ մղուեցան Արցախի ամբողջ տարածքին եւ, հակառակ ազերիական կանոնաւոր զօրքի թուական ու ռազմական գերազանց ուժին, հայկական ուժերը կրցան ետ մղել Սուլթանովին բանակը եւ ազերի խուժանը:

Մինչեւ ապրիլի կէսերը շարունակուեցան զինեալ ընդհարումները: Զանգեզուր գտնուող Դրօ իր զօրամասերով հասաւ Արցախի օգնութեան եւ հայոց ապստամբութիւնը, գոնէ ժամանակաւորապէս, յաղթանակով պսակուեցաւ:

Իսկ այսօր վերանկախացեալ Արցախի հայութեան հետ ողջ հայաշխարհը կը տօնէ ազերիական լուծին դէմ Արցախի հայոց պատմական առաջին ապստամբութեան տարեդարձը: Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց պետական այրերուն հետ բոլորս այսօր կը վերանորոգենք ազգային մեր վճռակամութիւնը, որ` Ազրպէյճան ոչ մէկ իրական, իրաւական կամ պատմական հիմք ունի Արցախին վրայ տիրապետութեան իր լուծը պարտադրելու, իսկ հայ ժողովուրդը բնաւ պատրաստ չէ «սկուտեղի վրայ Արցախը հրամցնելու ազերիներուն»®

 

 

Հպարտ Հայու Քուէն` Միասնաբար Եւ Հպարտութեամբ

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

41 օր ետք` մայիս 6-ին լիբանանցի քաղաքացին պիտի ընտրէ զինք ներկայացնող նոր խորհրդարանը:

Փաստօրէն, այսօր կէս գիշերին կ՛աւարտի ընտրական ցանկերու արձանագրութեան վերջին պայմանաժամը եւ վաղուընէ սկսեալ արդէն իսկ աստիճանաբար սաստկացող ընտրապայքարը աւելիով պիտի թէժանայ:

Պիտի բարձրանայ ընտրական հռետորաբանութեան առաստաղը, պիտի ընդլայնի ցեխարձակումներու արշաւը, անձնական վիրաւորանքներն ու լուտանքները պիտի բազմանան, քննադատութեան ենթակայ փոքր երեւոյթները խոշորացոյցով պիտի ներկայացուին, ընկերային ցանցերն ու քարոզչական տարաբնոյթ միջոցները պիտի անդրադառնան, տարածեն, յատուկ լուսարձակի տակ առնեն թեկնածուներու կեցուածքները, անցեալը, ներկան, իր պատկանած կուսակցութեան կամ կողմին տեսակէտները պիտի զարգացնեն, եւ արշաւը պիտի շարունակուի մինչեւ մայիս 6:

Ապա, ջուրերը աստիճանաբար պիտի հանդարտին, որոշ ժամանակ մը գոհ-դժգոհ խաղը պիտի շարունակուի ու երկրին քաղաքական կեանքը պիտի շարունակէ իր «բնականոն» ընթացքը:

41 օր ետք, լիբանանցի հայ քաղաքացին պիտի ընտրէ զինք ներկայացնող խորհրդարանի ՀԱՅ երեսփոխանները:

Իսկ լիբանանցի հայ քաղաքացին, որ իր ընտրութիւնը կը կատարէ, ունի զոյգ պատասխանատուութիւն:

Իր քուէն միայն լիբանանցի մարդուն քուէն չէ:

Ո՛չ ալ միայն հայ մարդուն քուէն:

Իսկ երկու պարագաներուն ալ, լիբանանցի հայ քաղաքացիին քուէն պարզ ընտրութիւն կատարող մարդու քուէն չէ:

Մեր քուէն հպարտ լիբանանցի հայուն քուէն է:

Հպարտ հայուն հպարտութեամբ տրուող քուէն է մեր ընտրանքը:

Այն հայուն, որ հպարտ է իր հայութեամբ եւ լիբանանցիութեամբ:

Մեր քուէն քուէն է այն հայ մարդուն, որ ամօթ չի զգար իր հայութեամբ եւ լիբանանցիութեամբ:

Այն հայուն քուէն է, մեր քուէն, որ հպարտ կերպով կ՛արտայայտէ իր կեցուածքը եւ կը մերժէ, որ զինք նկատեն երկրորդ կարգի քաղաքացի:

Մեր քուէն Լիբանանի վերելքին, բարգաւաճումին ու կառուցումին նպաստած հպարտ լիբանանցի հայ քաղաքացիին քուէն է:

Մեր քուէն Լիբանանը քանդող պատերազմին չմասնակցած հայուն հպարտ քուէն է: Փտածութիւնը, գողութիւնը, մարդասպանութիւնը, գործակալութիւնը, դաւաճանութիւնը, եղբայրասպանութիւնը մերժող ու անոր դէմ պայքարող հպարտ հայ լիբանանցիի քուէն է:

Մերը այն հպարտ հայու քուէն է, որ ո՛չ հայութեան, ո՛չ լիբանանցիութեան բարդոյթէն կը տառապի եւ ո՛չ ալ իր արժէքը կը փորձէ գտնել իր միջավայրէն դուրս, կամ իր միջավայրէն արտառոց կեցուածքներով:

Լիբանանցի հպարտ հայու քուէն է մեր քուէն, որուն համար հայախօսութիւնը բարդոյթ չէ, այլ լիբանանեան բազմամշակոյթ հայրենիքը հարստացնող նախադրեալ:

Մենք կ՛ընտրենք հպարտութեամբ եւ հետեւողական կերպով եւ ոչ թէ ընտրութենէ ընտրութիւն գեղեցիկ խոստումներով ու արդիական բեմադրութեան քարոզչութեամբ հրապարակը լեցնողներու խոստումներով:

Լիբանանցի հայ մարդու, հպարտ հայու քուէն լիբանանեան հայրենիքի ճակատագրակից քաղաքացիի քուէէն աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ կը տրուի:

Ընտրութիւնը սոսկ ջուրի, ելեկտրականութեան, ասֆալթապատումի, աղբի եւ քաղաքացիական այլ կարեւոր ու բնական իրաւունքներու խնդիր չէ միայն հայ լիբանանցիին համար:

Այդ բոլորը իրաւունք են ու պահանջ միաժամանակ:

Յաւելեալը, հիմնականը, մնայունը, անզիջելին հայկական քաղաքական ուժի հպարտ քուէն է:

Քուէ մը, որ կ՛ապահովէ Լիբանանի եօթը հիմնական համայնքներէն մէկը ըլլալու իրողութիւնը:

Հպարտ քուէ մը, որ կ՛ընտրէ անցեալէն եկած փորձառութեամբ, որ կ՛ընտրէ քաղաքական կենսափորձը կուսակցութեանց ու անոնց թեկնածուներուն, որ կը յարգէ անհատը, բայց մանաւանդ անոր դաւանած սկզբունքները:

Լիբանանցի հայ քաղաքացին գիտէ ճիշդը ընտրել:

Ան չի՛ մոլորիր:

Չի՛ ծախուիր:

Չի՛ խաբուիր պղպջակային քարոզչութեամբ:

Մեզի համար, Լիբանանի հայութեան համար երեսփոխանական ընտրութիւնները ո՛չ  անհատական յաղթանակ են, ո՛չ գեղեցկութեան կամ ճառախօսութեան մրցանք, ո՛չ ալ այլ քաղաքական ուժերու մօտ աթոռներ աւելցնելու պարտաւորութիւն:

Հայ մարդու քուէն Լիբանանի եւ հայութեան համար տրուած քուէն է:

Հպարտ մարդու քուէն է մերը:

Հայու քուէն է այդ:

Հայու ինքնութեան պահպանման քուէն է մերը:

41 օր ետք` մայիս 6-ին հպարտ լիբանանցի հայը Լիբանանի թէ արտասահմանի մէջ հպարտութեամբ պիտի քուէարկէ միասնաբար` ամբողջ Լիբանանի համար:

Միասնաբար եւ հպարտութեամբ:

 

 

 

Պուրճհամուտեան Օրագիր

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Ընկերոջ մը հետ հանդիպումի մը ընթացքին, տեղեկութիւն մը, որուն ցարդ անծանօթ էի, գրգռեց յիշողութիւնս եւ տարաւ զիս մօտաւորապէս 40 տարի ետեւ:

1970-ականներու երկրորդ կէսն էր: Մեր խանութը կը գտնուէր Պուրճ Համուտի Արաքս փողոցին վրայ: Դիմացը կային խանութներ, որոնցմէ մէկը «Caroline Shoes»-ն էր, որ կօշիկ կը ծախէր: Նոյն փողոցին վրայ, մօտաւորապէս 150-200 մեթր հեռաւորութեան վրայ, կար արաբ մսավաճառ մը` Հոսնի անունով: Այս մարդը ունէր գործաւորներ եւ շաբաթը երկու անգամ կով կամ ոչխար կը մորթէր:

Օր մըն ալ, Աստուած գիտէ` ինչպէ՛ս, կովը Հոսնիին ձեռքէն փախուստ տուաւ եւ կատղած` սկսաւ վազել դէպի մեր խանութին կողմը` աջ ու ձախ ինքնաշարժներուն զարնուելով:

Հոսնին դանակը ձեռքին կը վազէր կովուն ետեւէն, իսկ ամբոխը, բաղկացած` հայ խանութպաններէն եւ թաղերուն մէջ բնակող փոքրիկներէն, կը հետեւէր անոնց: Շուտով ամբոխին միացան «մեր» զինեալ տղաքը: Տեսարանը կը յիշեցնէր սպանական ցուլերու վազքը, բայց`  պուրճհամուտեան ոճով:

Կովը հազիւ հասած էր մեր խանութին մօտ, յանկարծ որոշեց չշարունակել վազքը եւ մտաւ «Caroline Shoes» խանութը, որ համեմատաբար մեծ էր միւսներէն, ունէր լայն եւ երկար մուտք մը, որուն երկու կողմերը կային ապակեայ ցուցափեղկեր: Կովը զգալով, որ ինկած է թակարդի մէջ, աւելի կատղեցաւ: Զինեալ տղաքը ուզեցին փամփուշտով սատկեցնել զայն, սակայն Հոսնին կը պաղատէր, որ չընեն, իսկ խանութին տէրը, ճարահատ, այդ վայրկեանին ձեռքը եղած կօշիկով մը սկսաւ հարուածել գազազած «յաճախորդը», բայց` ապարդիւն: Ի վերջոյ, Հոսնի տարիներու իր փորձառութիւնը ի գործ դնելով` կրցաւ զսպել կովը եւ վերադարձաւ խանութ, բայց` այս անգամ ետեւէն բերելով աւելի մեծ թիւով մարդիկ, որոնք որոշած էին վստահ ըլլալ, որ այդ կովը պիտի մորթուի, որպէսզի անգամ մըն ալ չփախչի: Եւ անշուշտ Հոսնին յուսախաբ չըրաւ ամբոխը:

 

 

Ուշադրութի՛ւն…Ուշադրութի՛ւն…

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

Այո՛, լիբանանցի հայուն քուէն ծախու չէ, որովհետեւ լիբանանցի հայը ամէն բանէ առաջ ազգային գիտակցութիւն եւ արժանապատուութիւն ունի:

Առաւել, եւ` ամէնէն հիմնականը, լիբանանցի հայը, որ հայկական հոսանքին ալ պատկանի, տարիներէ ի վեր փաստած է ամբողջ լիբանանցի ժողովուրդին, որ ինք կը հետեւի իր կուսակցութեան եւ իր պատկանած հայկական «կողմին» յանձնառութեան տակ է:

Այլ խօսքով, մենք լաւ գիտենք, որ հայկական ու ազգային մեր իրաւունքները կը բնորոշուին եւ կը պահպանուին մեր կուսակցութիւններուն միջոցով, մեր ղեկավարներուն արթուն հսկողութեան շնորհիւ:

Հետեւաբար լիբանանցի հայը չի քուէարկեր անհատներու, այլ կը մնայ հաւատարիմ` մեր ղեկավարութեան եւ կը քուէարկէ` ըստ կուսակցութեան ցուցմունքներուն:

Հպարտ ենք մեր ղեկավարութեամբ, որովհետեւ տարիները մեզ համոզած են, որ վստահելով մեր քաղաքական կազմակերպութիւններուն` մենք սատարած ենք մեր ազգային գոյութեան կառոյցին ու պահպանումին:

Հոս կ՛ուզեմ աւելցնել, որ երբ մեր միւս հայրենակիցները ժպիտով կը հաստատեն, թէ հայը կը քուէարկէ` ըստ մեր կուսակցութեան որոշումին, ես այդ ժպտող դէմքերուն կ՛ըսեմ հետեւեալը. այո՛, մենք հպարտ ենք ու առանց տատամսելու կը հետեւինք մեր ղեկավարութեան ցուցմունքներուն եւ որոշումներուն, որովհետեւ անոնք են քաղաքական եւ մեր ազգային շահերուն գիտակից եւ արթուն պահակները, մենք անհատական շահեր չունինք, այլ ունինք հայ ազգային գոյութիւն, ոչ իբրեւ անհատ, այլ կը գոյատեւենք իբրեւ զանգուած:

Անշուշտ այս կեցուածքը աւելի հաստատուն պահելու համար հայ երեսփոխանական պլոքը կ՛ուզենք վերականգնած տեսնել:

 

 

Ակնարկ. Ո՞վ, Եւ Ե՞րբ Պիտի Սանձէ Ոճրագործ Թուրքիան

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Աշխարհի աչքերուն առջեւ Թուրքիոյ պետութիւնը դարձեալ ձեռնարկած է մարդկային ու քաղաքական ոճիրներու եւ կը մնայ անպատիժ, սանձարձակ: Անցեալին սուլթան Համիտն ու Իթթիհատի ոճրածին ուղեղներն էին, անոնց հետեւեցան Մուսթաֆա Քեմալն ու Էճեւիտներ, Տեմիրէլներ, Էվրեններ եւ Էօզալներ: Այսօր արիւնոտ ճամբուն վրայ նոր մղոններ կը կտրեն Էրտողանն ու իր «խունթա»-ին անդամները:

Նորագոյն բեմադրավայրն է Սուրիոյ հիւսիսային` Աֆրին աւանը. թրքական բանակները օր ցերեկով գրաւեցին շրջանը` իբր թէ քիւրտ խափանարարներ հետապնդելու դիտաւորութեամբ, ու տակաւին կը սպառնան գրաւել Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանային ամբողջ գօտին, աչքերը սեւեռած են նաեւ Իրաքի հիւսիսային` քարիւղով հարուստ գօտիին, մի՛շտ նոյն պատճառաբանութեամբ: Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Եւրոպական Միութիւնն ու այլ ազդեցիկ ուժեր խօսքով դատապարտանքի անձրեւներ կը տեղացնեն Թուրքիոյ հասցէին, չեն մոռնար ներքին ճակատի վրայ բռնատիրական վարմունքը, սակայն Էրտողան ու գործակիցները արհամարհանքի պատին կը զարնեն ամէն կոչ ու մեղադրանք, անշեղ կ՛ընթանան մահ ու աւեր սփռելու ուղիէն:

Աֆրինի գրաւումը բացատրելով` Թուրքիա հաւաստեց, որ` «խաղաղ բնակիչները ահաբեկիչներէ կ՛ազատագրէ»: Իրականութիւնը այն է, որ խաղաղ բնակիչները ջարդուեցան ու ռմբակոծումներու զոհ գացին, զանգուածաբար փախուստ տուին իրենց բնակավայրերէն` տուն ու ստացուածք ձգելով ետին: Հալէպի կարգ մը շրջաններուն քանի մը տարի առաջ վիճակուած ահաւոր վիճակը կը կրկնուի Աֆրինի մէջ. Քեսապն ալ ճաշակած էր նոյն դառն պտուղէն… Սուրիոյ իշխանութեան հակադրուած կարգ մը սուրիացիներ իբրեւ գործակից ներկայացնելով` թուրքերուն առաջին գործը Աֆրինի մէջ եղաւ… կողոպուտ ու քանդում, խաղաղ բնակիչներու ահաբեկում, բնակավայրերու կործանում: Հիմնական նպատա՞կը. մասնաւորաբար քիւրտ բնակիչները հեռացնել իրենց բնակավայրէն ու տիրանալ անոնց ստացուածքներուն, նաեւ` Ալեքսանտրեթի նահանգին կրկնօրինակը իրականացնել Սուրիոյ հիւսիսային գօտիին մէջ: Աֆրինի մէջ թրքական դրօշակի բարձրացումը լոկ ցուցական-զգացական արարք չէ, այլ կը մատնէ հող բռնագրաւելու եւ իւրացնելու հին ծրագիրը:

Այլ խօսքով, մարդկային արարածներու դէմ կրկնակի ոճիրներուն կողքին, Թուրքիա կ՛իրականացնէ նաեւ քաղաքական ոճիր, միջազգայնօրէն ճշդուած սահմաններ կը խախտէ, դրացիներու հողերը կը բռնագրաւէ, ինչպէս դար մը առաջ ըրած էր Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ պարագային, ինչպէս աւելի քան 50 տարի առաջ ըրաւ Կիպրոսի մէջ:

Թուրքիա կը մնայ անպատիժ ու հետեւաբար` անսանձ: Դատապարտանքի խօսքերը Անգարայի վարիչներուն կողմէ կը դիմաւորուին իբրեւ աղբանոցի արժանի արտայայտութիւններ: Անդին` այլատեսակ մեկնաբանութիւններ կը ծաւալին, մէկ կողմէ իր դիրքը վարպետօրէն շահագործելու «թրքական կարողութեան», միւս կողմէ քիւրտերու հանդէպ աշխարհի անբարեխիղճ կեցուածքը ի նպաստ իրեն դարձնելու ընթացքին մասին: Չէ՞ որ քիւրտերը «աչքի փուշ» են Իրաքի, Իրանի, որոշ չափով նաեւ` Սուրիոյ մէջ, իսկ Թուրքիոյ մէջ անոնց ինքնուրոյն գոյութիւնն իսկ ժամանակ մը խնդրոյ առարկայ էր ու ենթակայ դարձած էին թրքացումի քաղաքականութեան: Ի՜նչ խօսք, որ միջքրտական հակադրութիւններն ու մրցակցութիւնները իրենց բաժինը ունին դառն վիճակի ծանրացման մէջ: Ուրեմն, խաղաղ բնակիչները` ժողովրդային զանգուածները իրենց կեանքով ու ինչքով կը վճարեն թրքական ոճրային քաղաքականութեան գինը` եմէնցիներուն նման աչքաթող մնալով աշխարհի հեռադիտակներէն:

Ո՞վ եւ ե՞րբ պիտի զսպէ սանձարձակ Թուրքիան, եւ` ի՞նչ միջոցներով: Պէտք կա՞յ արդեօք յիշեցնելու, որ «Արաբական գարուն»-ին սկիզբէն ասդին, նաեւ` անկէ ալ առաջ, Թուրքիա հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ «իսլամական ծայրայեղականութեան» տարածման մէջ ու այդ դերը կը շարունակէ հազար ու մէկ անունի տակ. մերթ կը ներկայանայ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցի, ուրիշ օր մը` Ռուսիոյ հետ մերձեցում խաղալու պատմուճաններով: Ո՞վ գործնապէս ցոյց պիտի տայ Թուրքիոյ, որ ինք դրացիներէն առնելիք չունի, ոճրագործ-ցեղասպան մը չի կրնար իբրեւ խաղաղարար ու հարցեր լուծող ներկայանալ աշխարհին, իր քաղաքական ընդդիմադիրներն ու մամլոյ ազատութիւնները կաշկանդող մը չի կրնար խօսիլ արդի աշխարհին անունով, այլ ունի հատուցելի հին ու նոր պարտքեր, որոնց տէրերը պէտք չէ միանան ձեռնածալ դիտողներուն եւ բանաւոր դատապարտանքով գոհացողներուն:

20 մարտ 2018

1915-ից 1978. Մարաշի Կոտորածի Մասին Պատմում Է Ականատես Ազիզ Թունչը

$
0
0

ՄԻՒԺԿԱՆ ՀԱԼԻՍ
Թարգմանեց ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԸ

Մարաշի կոտորածից ուղիղ 39 տարի է անցել, սակայն կոտորածի հետքերը դեռ թարմ են: 1978 թ. դեկտեմբերի 19-26-ը կատարուած կոտորածի ժամանակ, միայն մէկ շաբաթուայ ընթացքում, ըստ պաշտօնական տուեալների, 111, իսկ ըստ ոչ պաշտօնական յայտարարութիւնների մօտ 500 մարդ է սպաննուել, հարիւրաւոր մարդիկ վիրաւորուել են, աւերուել է 210 տուն, 70 գրասենեակ: Իսկ թիրախը ալեւիները, քրտերն ու յեղափոխական անձինք էին:

Թուրքիայի պատմութեան ամենամութ կոտորածներից մէկի` Մարաշի կոտորածի տարելիցի ժամանակ «Մարաշի կոտորածի յետնաբեմն ու անաթոմիան», «Ինձ դու սպաննիր-Մարաշ/78» գրքերի հեղինակ, ուսումնասիրող Ազիզ Թունչի հետ զրուցել ենք Մարաշի հազարամեայ պատմութեան, քաղաքում 1915 թ. մինչեւ 1978 թ. շարունակուող ցեղասպանութեանն ու ջարդերի, քաղաքում բնակուող ազգերի նկատմամբ գործադրուած ճնշումների շուրջ:

Ազիզ Թունչը յիշեցնում է Մարաշի հայկական իրականութեան մասին ու` ասում. «Մարաշը յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան ու հայ ազգի ձեւաւորման տեսանկիւնից շատ կարեւոր քաղաք էր»: Ըստ Թունչի, Ցեղասպանութեան պատճառով Մարաշից արմատախիլ արուեցին ոչ քրիստոնեայ ազգերը: 1978 թ. տեղի ունեցած կոտորածի պատճառով  էլ քրտերն ու ալեւիները մասամբ հեռացան Մարաշից: Սակայն Թունչը մեր ուշադրութիւնն է հրաւիրում այն փաստին, որ Մարաշում քրտերն ու ալեւիները դեռեւս շարունակում են համատեղ ապրել: Նրա կարծիքով, Թերոլար գիւղում նախատեսուող ճամբարը կամ Էլպիստանի ջերմաելեկտրակայանը նշան են, որ «կրօնական զտումները» շարունակւում են:

Մարաշում հայկական իրականութիւն կայ

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ժամանակի մեքենայի մէջ էք: Ես այժմ կոճակը սեղմեցի ու ձեզ տարայ 1978 թ. դեկտեմբեր ամսուայ Մարաշ… Ուղիղ 39 տարի յետ ենք գնացել: Ինչպիսի՞ Մարաշ կը նկարագրէք: Մարդիկ, աշխարհագրութիւնը, քաղաքական վայրիվերումները, յոյսերն ու  անյուսալիութիւնը…

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ժամանակի միջով յետ գնալն ու տեղի ունեցածներին եւս մէկ անգամ ու ներկայից նայելը հիանալի միտք է: Թէեւ մենք այդ տարիները չենք կարողացել ճիշդ ընկալել, սակայն Մարաշը  ընկերային-քաղաքական իւրայատկութիւններ ունեցող քաղաք է եղել: Հնում Մարաշում առկայ էր հայկական իրականութիւն, որը մարաշցիների ողջ կեանքի վրայ ազդեցութիւն թողած թապուներից մէկն էր: Դա այնպիսի մի թապու էր, որ սարսափելի թշնամանքի աղբիւր էր դարձել` չնայած ամէն մարաշցու մի քիչ հայ լինելու փաստին: Մարաշից հայկական իրականութիւնը փորձել են արմատախիլ անել, սակայն ինչքան էլ իրականութիւնը թաքցուէր, մէկ է, ամէն մարաշցի մի փոքր հայացել էր: Մարաշցիները բազմաթիւ արհեստներ հայերից են սովորել: Մարաշցիների ունեցուածքի մեծ մասը հայերից է բռնագրաւուել: Մարաշցիների մօտ ձեւաւորուած մշակոյթում առկայ են հայկական բազմաթիւ հետքեր: Մարաշը 39 տարի առաջ, ի հարկէ, շատ տարբեր էր ներկայիս Մարաշից: Այսօրուայ մեր փոքրիկ, չզարգացած, բայց աշխուժ գաւառներից մէկի նման էր: Ենթակառուցուածքները, ճանապարհները, ձեռնարկութիւնները, արտադրութիւնը այսօրուանից տասն անգամ յետ էին: Քաղաքի ներսում կար մի վայր, որը որպէս ինքնաշարժների կայան էր օգտագործւում. այնտեղ կային գիւղական փոխադրամիջոցներ: Քաղաքի ներսում գտնուող ցեխոտ ճանապարհներով շրջող  կառքերը, երեքականի մոտոսիկլեթներն ու թրաքթորները նրան գիւղաքաղաքի տեսք էին հաղորդում: Որպէս պետական շէնքեր օգտագործուող ու միւս շքեղ շէնքերի մեծ մասը հայերի քարէ տներն էին: Հայերից մնացած ոսկերչութիւնն ու պղնձագործութիւնը տնտեսութեան մէջ ամենապահանջուած արհեստներն էին: Տնտեսութիւնը հիմնուած էր գիւղատնտեսութեան վրայ, յատկապէս` բամպակագործութեան:

Մարաշում տեղի էր ունենում այն, ինչ` այդ շրջանի մնացած քաղաքներում: 1965-73 թթ. շրջակայ գաւառներից, գիւղերից ու գիւղաքաղաքներից դէպի Մարաշ ուժեղ գաղթ էր սկսուել: Մարաշ եկող ամէն անհատ կա՛մ իր փոքրիկ գործն էր ստեղծում, կա՛մ` մէկ այլ տեղում գործ գտնում: Գիւղատնտեսութեամբ զբաղուողներն ու գիւղատնտեսութեան վրայ հիմնուած փոքրիկ աշխատավայրերում աշխատող բանուորները բնակչութեան ամենաաշխուժ զարգացող ու ամենամեծ մասն էին կազմում: Քաղաք եկող մօտիկ գիւղերի թուրք սիւննիները հիմնականում լրիւ աշխատանքային ժամով էին աշխատում, իսկ երեկոյեան` տուն գնում: Սակայն քուրտ ալեւիները առաւելապէս նստակեաց կամ կիսանստակեաց կեանք էին վարում: Նրանք կա՛մ մնում էին որեւէ ծանօթի տանը, կա՛մ` մի փոքրիկ տուն վարձում:

Այդ ժամանակաշրջանի քաղաքական զարգացումները ազդում էին հասարակական բոլոր խմբերի վրայ: Արդէն իսկ 1970-ական թթ. յատկապէս Նուրհաքում յեղափոխականների գործողութիւնները մարաշցիների վրայ էլ էին ազդել, բազմաթիւ մարաշցիներ սկսել էին դառնալ յեղափոխական շարժումների մասնակիցներ: Այս տարիներին Մարաշի հասարակական-քաղաքական կառուցուածքն աւելի ժողովրդավար էր: Նրանք պայքարում էին հողերի բռնագրաւման դէմ ու գործարաններում աշխատող բանուորների իրաւունքների պաշտպանութեան համար: Թուրքիայի Յեղափոխական բանուորական միութիւնների համադաշնակցութիւնը (DİSK), Բոլոր ուսուցիչների միաւորման ու համերաշխութեան միութիւնը (TÖB- DER), Թուրքիայի Բանուորական կուսակցութիւնը (TİP) եւ մի շարք այլ յեղափոխական կառոյցներ այս շրջանում են հիմնադրուել: Մարաշն այդ տարիներին ամենայուսալի, բազմաթիւ ալեւի աշուղներ ունեցող եւ բաւական յաճախ գործունէութիւն ծաւալող քաղաք էր:

Հ.- Մարաշ շրջանի աշխարհագրութեան համար պատմական նշանակութեան մասին ի՞նչ կարող էք պատմել, այստեղ ապրած ժողովուրդների, յատկապէս` հայերի, նրանց որակների, նրանց դէմ գործադրուած ճնշումների տեսակէտից…

Պ.- Մարաշը բազմաթիւ առանձնայատկութիւններ ունեցող քաղաք էր: Ենթադրւում է, որ  Մարաշը հիմնադրուել է մի խեթական հրամանատարի կողմից: Մարաշում բնակուել են բազմաթիւ ժողովուրդներ, շատ տիրակալներ են եկել ու գնացել: 1240-ական թթ. Պապա Իսհակի ապստամբութիւնն է եղել, իսկ եթէ անդրադառնանք  1500-ական թթ., ապա այն մի քաղաք էր, որը ստիպուած էր իր գոյութիւնը պահպանել մեմլուքների, սեֆեանների եւ օսմանցիների մէջ` Տուլքատիօղլուի պէյութեան կազմում: Եաւուզի ու Շահ Իսմայիլի միջեւ տեղի ունեցած պատերազմի ժամանակ Մարաշն անցնում է օսմանեան տիրապետութեան տակ: Այդ օրուանից յետոյ Մարաշը յիշատակւում է օսմանցիների դէմ իր պայքարով ու ապստամբութիւններով: Այն յատկապէս շատ կարեւոր քաղաք է Հայոց ցեղասպանութեան ու հայ ժողովրդի ազգայնացման տեսանկիւնից: Միայն հայերով բնակեցուած ու ինքնավար Զէյթունը, որի ներկայիս անունը Սիւլէյմանիյէ է, Մարաշի կազմում էր: Մարաշում էլ հայերն ունէին բաւականին կուռ հասարակական կառուցուածք եւ բնակւում էին մնացած ժողովուրդների հետ համատեղ:

Մինչեւ Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին շրջան` վիճակը նոյնն էր, սակայն կազմուեց «Firka-i Islahiye» (Բարենորոգող զօրաբաժին) անունով բանակը, եւ վիճակն սկսեց փոխուել, ժողովուրդների միջեւ սկսուեց թշնամութիւն հասունանալ: Սա շրջադարձային նշանակութիւն ունեցաւ, որի պատճառով հետագայում Մարաշի պատմութիւնը լցուեց կոտորածներով:

Հայոց ցեղասպանութիւնից մինչ 1978 թ. կոտորածը

Հ.- Դուրս չենք եկել ժամանակի մեքենայից: Յանկարծ ձեր քաղաք մի շարք մարդիկ են լցւում: Ովքե՞ր էին այդ մարդիկ: Ինչո՞ւ էին ձեր քաղաքն ընտրել:

Պ.- Այո՛, յանկարծ մեր քաղաքում սկսեցին շրջել  մութ, արիւնարբու տարրեր: Սակայն տեսնում ենք, որ այս արիւնարբուների` Մարաշ գալուց առաջ էլ Մարաշն արեան մէջ խեղդել ցանկացողները սկսել էին պատրաստուել այստեղ ջարդեր իրականացնելու գործին:

Հիւլէական ուժանիւթի հաստատութիւնում ռումբերով փաթեթներ են պատրաստուել, որոնք ուղարկուել են համապատասխան քաղաքներ: Այդ ռումբերից մէկը Մարաշում է պայթել, սպաննուել են քաղաքապետն ու նրա ընտանիքից 3 հոգի: Նոյն ռումբից մէկ ուրիշ ռումբ էլ ուղարկուել է Փազարճըք:

Իսկ Մարաշի ներսում նախապատրաստւում էին կոտորածները: Գերի ընկած թուրքերի ազատագրման բանակի (ETKO) հրոսակախումբը բազմաթիւ վայրեր է յարձակում գործել, բազմաթիւ տներ, գրասենեակներ ու կազմակերպութիւններ են ռմբակոծուել: Դրանցից մէկով Կիժիք պապիկը (Սապրի Օզքան) սպաննուել է, մէկ ուսուցիչ` վիրաւորուել:

Կոտորածների մեքանիզմը շարունակուել է արիւնոտ ու մութ ծուղակներով, նոյեմբեր ամսին ստեղծուել է Գաղափարապաշտ երիտասարդների միութիւնը, ինչը եւս մէկ քայլ էր դէպի կոտորած:

Ինչպէս բանաստեղծն է ասում` «Մի ժապաւէն է գալու քաղաք»: Դեկտեմբերի 16-ին Մարաշում մի ժապաւէն էր ցուցադրուելու: Սակայն այս ժապաւէնը բանաստեղծութեան նման գեղեցկութիւն, կարօտ ու սէր չէր բերելու: Ընդհակառակը, արիւնոտ կոտորածի գուժկանն էր: Ակնյայտ էր, որ այդ ժապաւէնն առեւտրական նպատակներ չէր հետապնդում: Առեղծուած է մնում, թէ ո՞վ էր բերել ժապաւէնը, ո՞վ էր հրահանգ տուել: Այս ժապաէնի գլխաւոր դերակատարը Կիւնեթ Արքըն էր, դա` «Արեւը ե՞րբ է ծագելու» անունով ցեղապաշտական քարոզչութիւն տարածող ժապաւէն էր:

Գաղափարապաշտ երիտասարդների միութեան եւ Ոստիկանական միութեան ֆաշիստ անդամների վերահսկողութեամբ, այդ ժապաւէնը ցուցադրւում է երեք օր շարունակ: Դիտելով ժապաւէնը` ցեղապաշտական ազդեցութեան ենթարկուած մարդասպանների ամբոխը վերջնականապէս կորցնում է ինքնատիրապետումը: Դեկտեմբերի 19-ին «Չիչեք» շարժապատկերի սրահում մի պայթուցիկ է գցւում, որը ներկայացւում է այնպէս, իբր թէ դա` «Ձախակողմեանների ձեռքի գործն է»: Դրանից յետոյ ամբոխի ցեղապաշտական զգացմունքները անվերահսկելի են դառնում: Նրանք սկսում են գրաւել փողոցներն ու յարձակում գործել:

Դիմադրութիւն ու կոտորած

Հ.- Այսպիսով, «Չիչեք» շարժապատկերի սրահում ռումբ դրուեց: Հետզհետէ աւելի լարուող սադրիչ մթնոլորտը ո՞ր բառով կը նկարագրէք: Օրինակ` առանձին-առանձին ալեւիների աչքերի մէջ ի՞նչ էիք տեսնում: Վա՞խ, զարմա՞նք…

Պ.- Փողոցը գրաւած մարդասպան ամբոխը, ժողովրդավար կառոյցների անդամները քրտերի, ալեւիների ու ձախակողմեան անձանց տներն ու գրասենեակները սկսեցին քանդել: Այդ պահին յատկապէս կազմակերպուած հայրենասէրների ու ձախակողմեան անձանց առաջին գործը եղաւ այն, որ պատրաստուեցին պաշտպանուել ու դիմադրութիւն ցոյց տալ: Իսկ ժողովրդի անկազմակերպ եւ քաղաքական զարգացումներից հեռու մնացած ներկայացուցիչներն անհանգստութեան, վախի, խուճապի մէջ սկսեցին ինքնապաշտպանուողներին վիրաւորել:

«Չիչեք» շարժապատկերի սրահում տեղի ունեցած դէպքից յետոյ, երկու օր շարունակ յարձակումներ եղան, որի ընթացքում յարձակուողների թիւը գնալով աճում էր: Դեկտեմբերի 20-ին Քարամարաշ փողոցում պայթեցուեց մի սրճարան, ուր յաճախում էին հիմնականում ալեւիներ, ձախ հայեացքների տէր անձինք ու քրտեր: Դեկտեմբերի 21-ին երկու յեղափոխական ուսուցիչ փողոցի մէջտեղում սպաննուեցին` թիկունքից ստացուած գնդակներից:

Դեկտեմբերի 22-ին` ուսուցիչների յուղարկաւորութեան ժամանակ, 30 հազարի հասնող մարդասպան ամբոխը յարձակում գործեց, ու կոտորածն աւելի  ընդարձակուեց ու խորացաւ: Արդէն յարձակւում էին շուկայում գտնուող ալեւի, քիւրտ ու ձախակողմեան հայեացքներ ունեցող անձանց տների, աշխատավայրերի, ժողովրդավարական կառոյցների վրայ կոտորածն արդէն տարածւում էր  դէպի թաղամասեր:

Հ.- Ժամանակի մեքենան այժմ Մարաշի` ալեւիներով բնակեցուած թաղամասերում է գտնւում: 1978 թ. է: Եթէ խնդրեմ, անուններն էլ թուարկելով, մեզ կը պատմէ՞ք այդ թաղամասերում մէկ շաբաթ տեւած դէպքերի մասին:

Պ.- Ամենաառաջին ու ամենաշատ յարձակումը տեղի է ունեցել Եորուքսելիմ թաղամասի վրայ: Այն պետական հիւանդանոցը, որում գտնւում էին ուսուցիչները, Եորուքսելիմ թաղամասի վերջնամասում էր: Թաղամասը երեք թեւի բաժանուած ամբոխի կողմից ուժեղ յարձակման էր ենթարկւում: Այս յարձակմանը եորեքսելիմցիները դիմադրութիւն ցոյց տուեցին, որից յետոյ մարդասպաններին ուղղորդեցին դէպի միւս` անպաշտպան թաղամասեր: Այս տեսանկիւնից Սերինթեփէ թաղամասը, որը գտնւում էր քաղաքի ծայրամասում եւ դիմադրութեան պատրաստութիւն չէր տեսել, ամենաշատ կորուստներն ունեցաւ: Մարդասպանները շարունակեցին յարձակուել միւս թաղամասերի վրայ: Քարամարաշ, Իսա Տիվանլը, Ենիմահալլէ եւ Պաղլարպաշը թաղամասերը երեք օր շարունակ գտնւում էին մարդասպանների յարձակումների թիրախում: Այս ընթացքում թաղամասերից, յարմար  պահ գտնելով, փախչել ցանկացողները մարդասպանների կողմից բռնւում էին Մարաշից դուրս եկող ճանապարհին եւ սպաննւում: Նոյն կերպ մօտիկ գիւղերում ապրող ու քաղաքի իրենց հարազատների ճակատագրերով անհանգստացող կամ մարդասպաններին դիմադրութիւն ցոյց տալուն մասնակցելու նպատակով Մարաշ մտնել ցանկացող անձինք էլ էին սպաննւում: Այսինքն մարդասպանների կողմից Մարաշում կազմակերպուած ցեղային ու կրօնական զտումներն ամբողջացնելու համար ջարդերը շարունակւում էին նաեւ քաղաքից դուրս:

Հ.- Պատմութեան մէջ շատ կոտորածներ են եղել, լսուել, պատմաբանները որոշակի բացթողումներով գրել են դրանց մասին: Օրինակ` հրեաների ցեղասպանութիւնից իմ գիտակցութեան մէջ մնացած ամենայստակ պատկերը գնացքի վակոններն ու կազային սենեակներն են: Իսկ Մարաշից մէկ պատկեր կայ` յղի կանանց փորից հանուած երեխաները: Դուք ականատես էք եղել այնպիսի մի չարիքի, որը նկարագրելն անգամ դժուար է: Եթէ ասեմ ձեզ, որ նկարագրէք այդ չարիքը, ձեր յիշողութիւնից ինչե՞ր կը ներկայացնէք մեզ:

Պ.- Ջարդերը միայն որպէս անասնական վայրենութիւն որակելը թերի կը լինի: Մարդկութեան ու մարդուն պատկանող բոլոր արժէքների ոչնչացման անունն է կոտորածը: Այդ պատճառով ի հարկէ անհամար վայրագութիւններ են արուել: Եօթուկէս ամսական յղի Տեոնտու Ուվերին, 9 ամսական յղի Էսմա Սունային իրենց երեխաներով սպաննել են: Ալի Թրաշին մասերի են բաժանել, գցել  կաթսայի մէջ ու իր արեան մէջ եռացրել են: Բռնաբարել են, երեխաների խլել, դատարկ տարածութիւնում տարեց պապիկ Մուսթաֆա Աճինիքլիին սպաննել են ու դին հողի մէջ թաքցրել, սպաննուած երկու մարդու դիակը ոչնչացրել են, սպաննուած մարդկանց գերեզմանները անյայտ են մնացել, անհամար մարդկային արժէքներ են ոչնչացուել:

Հ.- Եւ դիմադրութիւն… Այո՛, Մարաշում կոտորածներ էին, բայց դիմադրութիւն ցոյց տուողներ էլ կային: Ինչպէ՞ս կազմակերպուեց այդ դիմադրութիւնը:

Պ.- Իրականում, ընդհանուր առմամբ, այս բոլոր կոտորածների մէջ շատ կարեւոր է ընդունել նաեւ այն փաստը, որ դիմադրութիւն էլ է ցոյց տրուել: Քանի որ կոտորածներն արդէն իսկ ուղղուած էին դիմադրութեամբ իրենց գոյութիւնն ու ինքնութիւնը, կրօնական առանձնայատկութիւնը պահպանող ընկերային խմբերին: Այդ պատճառով յատկապէս անհրաժեշտ է նշել, որ Մարաշում դիմադրութիւն են  ցոյց տուել:

Դիմադրութիւնը անբաւարար պատրաստութեամբ ու մի քիչ էլ ինքնաբուխ եղաւ: Առաջին յարձակումների ժամանակ նախեւառաջ Եորուքսելիմ թաղամասում դիմադրութիւն ցոյց տրուեց: Արդէն իսկ դրա համար յատուկ ջանքեր ու կոչի անհրաժեշտութիւն չկար: Ժողովրդի բոլոր ներկայացուցիչները եւ յեղափոխական-հայրենասիրական խմբերը, ձեռքներն ընկած գործիքներով, մասնակցել են դիմադրութեանը: Յատկապէս դեռեւս նոր ստեղծած եւ Ափոճու անունով յայտնի հայրենասէրները, Յեղափոխական պատերազմ ու յեղափոխական ժողովրդի միութիւնը այս դիմադրութեանը մասնակցած հիմնական խմբերն էին: Նրանք բոլորն էլ մասնակցել են շատ դժուար պայմաններում իրականացուող այս դիմադրութեանը եւ ձգտել ընդարձակել ու տարածել այն: Փազարճըք Եոլպոյու գիւղի գիւղապետ Մեհմեթ Մենկիւճեքը զոհուել է Քարամարաշի բախումների ժամանակ, Մինեհույուք գիւղում դիմադրութեան համար մարդ ու զէնք բերած ու նոր ընկերներին եւ զէնքեր կրկին բերելու համար գիւղ վերադառնալու ճանապարհին սպաննուած Վէյսել Կալքանտելենը, ատըյամանցի Մահմութ Ունալը այս դիմադրութեան ժամանակ ընկած ընկերներից մի քանիսն են: Բացի դա` Շեքեր Ափարթմանում ոտքի ելած մարդիկ կային, սակայն կրկին Քարամարաշ թաղամասում Հասան Սոլմա անունով տարեց մի հօրեղբայր ինքնապաշտպանուելու համար ոտքի էր կանգնել:

Բռնի արտագաղթ

Հ.- Ամէն ցեղային զտման ամենակարեւոր նպատակը ժողովրդին արտագաղթի հարկադրելն է, հաւատքից զրկելը: Դա պատմութեան ընթացքում բազմիցս ապացուցուած ճշմարտութիւն է: Կոտորածից յետոյ Մարաշն էլ ականատես եղաւ գլխաւորապէս դէպի եւրոպական երկրներ գաղթին: Գաղթի հետ կապուած ձեր եզրակացութիւնները որո՞նք են:

Պ.- Մարաշում Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ տեղահանութիւնն արդէն իսկ փաստացի գաղթի ենթարկել էր նշանակում: Ջարդերից յետոյ թիրախաւորուած խմբերի գաղթը, նրանց ունեցուածքը խլելն արդէն իսկ կոտորածի մի մասն են կազմում: Նոյն գործընթացն ու նոյն մութ հաշուեյարդարը Մարաշի ջարդերի ժամանակ էլ են տեղի ունեցել: Մարաշի կոտորածի հետ մէկտեղ, Մարաշում բնակուող յատկապէս քուրտ ու թուրք ալեւիները արագօրէն լքել են քաղաքը: Կոտորածից յետոյ իրենց գիւղեր վերադարձած ալեւիները, որոշելով, որ Մարաշում անհնար է ապահով մթնոլորտում ապրել, ստիպուած են լինում հեռանալ երկրից:

Կոտորածի պատճառով Մարաշը լքած մարդկանց ունեցուածքը մեծ չափով իւրացուել է, հողամասերն ու տները թալանուել են: Յայտնի է, որ նոյնն արուել է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ: Սակայն հետեւեալ տարբերութիւնն էլ է կարեւոր. 1978 թ. Մարաշի ջարդերի ժամանակ իւրացուած տները, հողերն ու նիւթական արժէքները Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ իւրացուած գոյքի հետ համեմատելի չեն: Ալեւիները, վերջիվերջոյ, դեռեւս նոր էին եկել, եւ նրանց մեծ մասն աղքատ էր: Գործերի մէջ շատ քիչ էին գործատուները: Նրանց մեծ մասի ունեցուածքը մի խրճիթ, տուն կամ հողամաս էր: Նիւթական հարստութիւնն էլ շատ չէր: Սակայն այս փաստը վիճակը չէր թեթեւացնում, չէր փոխում մարդասպանների` իւրացման ձգտումը, կողոպուտն ու բռնագրաւելու քաղաքականութիւնը:

Հ.- Այսօր Մարաշը բանտարկուած է մի մեծ խաւարում: Հիմա ձեզնից հետեւեալն եմ ցանկանում իմանալ` դարասկզբի Մարաշի ու ներկայիս Մարաշի միջեւ համեմատութիւն անցկացնելով` մի պատկեր կը գծագրէ՞ք ինձ համար:

Պ.- Չնայած դարասկզբին Մարաշում իրականացուած  ջարդարար քաղաքականութեանը` կարող ենք ասել, որ այնտեղ մի մթնոլորտ էր տիրում, որտեղ տարբեր խմբեր կարողանում էին համատեղ ապրել: Հայերը, յոյները, ասորիները, քրտերը, թուրք ալեւիները, սիւննիներն ու քրիստոնեաները բնակւում էին կողք կողքի: Այն ժամանակ, երբ փորձ արուեց ստեղծել թուրք ազգը, այն ժամանակ էլ սկիզբ դրուել ջարդարար ու ցեղասպանական քաղաքականութեանը:

Դարասկզբին Մարաշում կար 17 եկեղեցի, բազմաթիւ հայկական դպրոցներ, հայկական հիւանդանոց: Հայերի ու միւս քրիստոնեայ ժողովուրդների` պետութեան հետ կապուած յարաբերութիւնները պետական հաստատութիւններում աշխատող հայերն էին իրականացնում: Զէյթունը ինքնավար բնակավայր էր, որտեղ հիմնականում հայեր էին ապրում ու ղեկավարում: Զէյթունը ինքնավար քաղաք էր, որն ունէր հայ գաւառապետ, հայ քաղաքապետ, հայ զինուորներ ու անվտանգութեան ուժեր: Այսօր Մարաշը բանտարկուած է մի մեծ խաւարի մէջ: Ինձ հնարաւորութիւն է տրուել մօտիկից հետեւել ընտրական աշխատանքներին: Կոտորածի պատճառով ստեղծուած վախը, անհանգստութիւնը, անվստահութեան մթնոլորտը թունաւորել է Մարաշը: Մի բուռ անազնիւ մարդկանցից բացի` ոչ ոք առողջ չէ. մէկը վիրաւոր է, միւսի մարմնի մի մասը չկայ: Կոտորածը ոչնչացրել է մարդու իրաւունքներն ու ժողովրդավարական իրաւունքը պահանջելու ձգտումը: Այս ձեւով առաջացած վախի մթնոլորտը սարսափելի անվստահութեան ու մարդկանց շահագործման մթնոլորտ է ստեղծել:

Հետաքննութիւնը կոտորածի պատասխանատուներին թաքցնում է

Հ.- Եւ` Մարաշի կոտորածի հետաքննութիւնը: Զոհերին որպէս յանցագործներ յայտարարելն ու Մեճլիս` ձեռքերն ու ոտքերը թափահարելով մտնող, ազգանունները փոխած յանցագործներ: Այդ հետաքննութիւնից ի՞նչ է մնացել ձեր յիշողութեան մէջ:

Պ.- Կոտորածի հետաքննութիւնը լիովին կատարուել է կոտորածը կոծկելու, կոտորածի իրականութիւնը մթութեան մէջ թողնելու նպատակով: Արդէն իսկ հետաքննութիւնից յետոյ մեղադրական աքթը ժամանակի ժանտարմերայի հրամանատար Սետաթ Ճելասունի` Ազգային անվտանգութեան ուժերին գրած զեկոյցից էր բաղկացած: Ըստ այդ զեկոյցի, Մարաշի կոտորածը գնահատւում է որպէս` «Ալեւիների կողմից աջակցութիւն ստացած ձախակողմեան երիտասարդների գործողութիւններից անհանգստացած սիւննի ժողովրդի բնական արձագանգ»: Այս գնահատականով պայմանաւորուած` Մարաշի կոտորածից յետոյ բազմաթիւ անմեղ եւ իրենց պաշտպանել ցանկացած մարդիկ մարդասպանի նման դատապարտուել ու պատժուել են: Սակայն Մարաշի կոտորածի հետաքննութեան ամենաանմոռանալի իրադարձութիւնը անմեղ փաստաբանների սպանութիւններն էին: Հալիլ Սըթքը Կիւլլուօղլուն, Ճէյհուն Ճանն ու Ահմեթ Ապաքայը սպաննուել են միայն նրա համար, որ պաշտպանել են կոտորածից տուժածներին:

Ազիզ Թունչի վկայութիւնն ու քննութիւնը

Հ.- Մի փոքր էլ անձնական հարցեր տամ: Մարաշից յետոյ, որպէս Ազիզ Թունչ, ձեր կեանքն ինչպէ՞ս փոխուեց:

Պ.- Ես Մարաշի կոտորածների ժամանակ իմ բազմաթիւ ընկերների հետ մէկտեղ Եորուքսելիմ թաղամասի դիմադրութեանն էի մասնակցում: Երկու ընկերներիս ու մէկ ուրիշ անձի  հետ միասին բռնուեցինք: Որեւէ մեղք նրանք չկարողացան ապացուցել, եւ վեց ամիս անց ազատ արձակուեցի: Այդ շրջանից յետոյ Մարաշն ինձ համար ոչ միայն ծննդավայր էր, այլեւ մէկ ուրիշ նշանակութիւն էլ ձեռք բերեց: Այն փաստը, որ կոտորած եղաւ, ու չկարողացանք այն կանխել, ծանրանում է մարդու հոգու վրայ: Գուցէ եւ այդ պատճառով է, որ Մարաշի վերաբերեալ աշխատանքներ կատարելն ինձ աւելի շատ է ոգեւորում ու ազդում: Ինձ պարտաւորուած եմ զգում Մարաշի ու մարաշցիների առջեւ:

Հ.- Որպէս լրագրող` բազմիցս տեսել եմ, որ տարիներ անց Մարաշից որպէս պատգամաւորի թեկնածու աշխատանքներ կատարելիս հանդիպել էք այն մարդկանց հետ, ովքեր մասնակից են եղել կոտորածին: Այդ մարդկանց մէջ ի՞նչ էիք տեսնում: Դրա մասին ձեզ յիշեցնելով` ցանկանում եմ յիշատակել նացիստների իրականացրած ցեղասպանութիւնից տուժած գրող Էլիէ Վիեսելի հետեւեալ խօսքերը. «Ցեղասպանութեան ժխտումը զոհերին երկրորդ անգամ է սպաննում»:  Այն մարդկանց մօտ, ում ձեռքը սեղմում էք, զղջում նկատո՞ւմ էք:

Պ.- Իրականում ես այդ հանդիպումները դիտարկել եմ որպէս կոտորածի հետ կապուած ընդգրկուն աշխատանքի ուղղութեամբ արուած առաջին քայլ: Առաջին հնարաւորութեան դէպքում կոտորածն իրականացնողների վիճակի մասին բազմակողմանի ուսումնասիրելու որոշումը «Ինձ դու սպաննի՛ր» գիրքը գրելիս կայացրեցի: Ընտրուած աշխատանքի համար էլ կարողացայ հանդիպել կոտորածի մէջ ներքաշուած, կոտորածում որեւէ դերակատարում ունեցած այս անձանց հետ: Շա՛տ ափսոս, որ այս աշխատանքը իմ աքսորուելու պատճառով կիսատ մնաց: Այդ մարդիկ, օրինակ` Օքքեշ Քենկերը եւ նրա նմանները, կոտորածը չեն պաշտպանում, սակայն տէր չեն կանգնում իրենց արարքներին: Ասում էին, որ իրենց խաբել են, ալեւի քուրտ ու ձախակողմեանների նկատմամբ ունեցած թշնամանքը օգտագործուելով` ներգրաւել են կոտորածի մէջ: Կոտորածը նրանք նկարագրում են աւելի շատ «դրսից եկողներ» վերացական հասկացութեամբ ու նրանց վրայ էին  գցում: Կոտորածի հետեւանքներից էլ գոհ չէին: Օրինակ` յատկապէս գոհ չէին, որ շրջանի քուրտ եւ թուրք ալեւիները Մարաշը լքել են, նշում էին, որ զգացւում է նրանց պակասը: Կոտորածն ու ապրած հոգեխոցումը ոչ մէկ չի պաշտպանում: Հաւասարակշիռ մօտեցումներով իրենց էլ որպէս զոհ էին փորձում ներկայացնել ու արդարացնել:

Հ.- Առերեսման փաստը մեծ մասամբ  հետաքրքիր է յանցագործների տեսանկիւնից: Բայց եւ տուժածներ կան: Եթէ անգամ  կոտորածից 40 տարի է անցել, միեւնոյն է` այդ տուժածների ու նրանց  մեծացրած սերունդների ապրած հոգեխոցումները, նրանց փոխանցուած յիշողութիւնը դեռեւս խորն են, այդպէս չէ՞:

Պ.- Այս տեսանկիւնից շատ յստակ կ՛ասեմ հետեւեալը. գրեթէ բոլոր տուժածներն էլ այդ հոգեխոցման ազդեցութիւնը մինչեւ այսօր էլ զգում են իրենց կեանքում:

Գրեթէ բոլոր այս մարդկանց այսօրուայ կեանքը ձեւաւորուել է հէնց Մարաշի կոտորածի ժամանակ տեղի ունեցած դէպքերով:  Ներկայում նրանք աչալուրջ, անհանգիստ ու մտահոգ կեանք են վարում` մտածելով, որ նման յարձակում դարձեալ կարող է լինել: Հանդիպել եմ մարդկանց, ովքեր կրկին մտածում են, որ հնարաւոր չի լինի փախչել կոտորածից, ու իրենց բնակարանների վերեւի յարկերում չեն ապրում: Հանդիպել եմ կոտորածի ազդեցութեան պատճառով աղմուկից վախեցող տուժածների: Կային այդ կոտորածի հոգեխոցման պատճառով հոգեբանական խնդիրներ ունեցող անձինք: Կոտորածից իւրաքանչիւր տուժածի պատմութիւնը սկզբից մինչեւ վերջ ողբերգութիւն է:

Պետութիւնը Մարաշում ցեղային եւ կրօնական զտումների գործընթացն աւարտին չհասցնելու պատճառով է շարունակում յարձակումները

Հ.- Ձեզնից յետոյ, իրականում յունիսի 7-ից յետոյ Մարաշում ալեւիներով բնակեցուած վայրերում կրկին պետութիւնը միջամտեց եւ չնայած բոլոր ընդվզումներին` ժիհատիստական խմբեր ստեղծուեցին: Քիչ առաջ տուած հարցիս մէկ անգամ էլ այս տեսանկիւնից կը պատասխանէ՞ք, ըստ ձեզ, պետութիւնը ինչո՞ւ հանգիստ չի թողնում Մարաշը:

Պ.- Պետութեանը չի յաջողուել Մարաշում ազգային ու կրօնական զտումներն աւարտին հասցնել, ինչի պատճառով այսպիսի յարձակումները շարունակւում են: 1915-1922 թթ. Հայոց ցեղասպանութիւնից յետոյ ոչ մուսուլման ժողովուրդները այս հողերից արմատախիլ արուեցին: 1978 թ. կոտորածի պատճառով ալեւիներն ու քրտերը մասնակիօրէն լքեցին Մարաշը: Սակայն դեռեւս քրտերն ու ալեւիները շարունակում են համատեղ ապրել Մարաշում, որի պատճառով Թերոներ գիւղում կազմակերպուող ճամբարով ձգտում է շարունակել ազգային կրօնական զտումներ իրականացնել: Նոյն փորձը կիրառւում է նաեւ Մարաշի միւս գաւառներում եւ, յատկապէս, քուրտ ու ալեւիներով բնակեցուած տարածքներում: Էլպիստանում` ջրաելեկտրակայանը, Փազարճըքում կրաղիւսի գործարանը կառուցւում են որպէս այդ մտայնութեան հետեւանքներ:

Հ.- Ներկայում, տարիներ անց Եւրոպայի տարբեր երկրներում բնակուող մարաշցիներով մի նախաձեռնութիւն էք ստեղծել: Երա՞զ է սա, թէ՞  աշխարհն էլ  շուռ գայ, մարաշցիները կը վերադառնան իրենց հողեր:

Պ.- Միանշանակ կը վերադառնան: Ի հարկէ, կը լինեն մտածողներ, որ կը կարծեն, թէ այս տեսակէտը թոյլ է: Մարդու եւ նրա ծննդավայրի միջեւ եղած կապը զուտ ֆիզիքական չէ: Այս յարաբերութիւնը գտնւում է մշակութային ու ընկերային մակարդակում: Եթէ նոյնիսկ մարդիկ անմիջապէս այնտեղ չեն բնակւում, եթէ նոյնիսկ հարիւրաւոր տարիներ են անցնում, միեւնոյն է, շարունակում են հետաքրքրուել հայրենի հողով, շարունակում են կարօտել: Մարաշցի հայերը, ովքեր հարիւր տարի առաջ արմատախիլ արուեցին իրենց հողերից, եթէ նոյնիսկ իրենց հայրենի հողեր չվերադառնան, միեւնոյն է` այդ հողերը տեսնելու, այնտեղ այցելելու յոյսով է, որ այսօր աշխարհի բազմաթիւ անկիւններում մարաշցի հայերի միութիւններ են ստեղծել: Այդ պատճառով Մարաշում բնակուող քրտերն ու ալեւիներն այդ հողերից չեն հրաժարուի, չեն լքի դրանք: Այսօրուայ պայմանները Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակուայ պայմանները չեն: Այսօր ո՛չ ալեւիները, ո՛չ էլ քրտերը հայերի հետ պատահածի չափ թոյլ չեն, ոչ էլ թուրքական պետութիւնն է իր ուզածով ցեղասպանութիւն իրականացնելու չափ հզօր: Այդ պատճառով մարաշցիները եթէ անգամ աշխարհի միւս ծայրում լինեն, որեւէ կասկած չունեմ, որ կը վերադառնան իրենց հողեր: Մարաշցիները լքելու մի թիզ հող անգամ չունեն:

Մարդասպանների դէմ պէտք է ստեղծել ինքնապաշտպանական մեքանիզմներ

Հ.- Իմ վերջին հարցը հետեւեալն է. Մարաշի կոտորածն ի հարկէ նախեւառաջ հէնց քաղաքում ապրող ալեւիների դէմ էր, նրանց վրայ է շատ ազդել: Սակայն Անատոլիայում բնակուող բոլոր ալեւիների համար Մարաշի կոտորածը  նախադէպ հանդիսացաւ տարիներ անց Սվազի դէպքերի համար: Օրինակ` յիշողութեանս մէջ թարմ է, որ մանկութեանս տարիներին մեր մեծերի կողմից աւելի շատ լսւում էր ոչ թէ «հերոս» բառը, այլ` «արիւնոտ» Մարաշ արտայայտութիւնը: Ըստ ձեզ, դրա նպատակն էլ այն չէ՞ր, որ ստեղծուի ու փոխանցուի այդ յիշողութիւնը:

Պ.- Պատմութեան ընթացքում պետութիւնը ալեւիների հետ հաշիւներ է ունեցել: Ալեւիները իրենց  ընկերային առանձնայատկութիւնների պատճառով պետութեանը ընդդիմադիր դիրքորոշում ունեցող հասարակական կառոյցների հետ են եղել: Այդ պատճառով էլ պետութեան ամենահիմնական յանձնարարականներից է եղել ալեւիներին վերահսկելն ու ստուգելը: Իրականում դա անիմաստ թշնամութիւնից չի բխում: Ճիշդ ձեր ասածի նման` ալեւիները հասարակական շարժումների առաջամարտիկներ են եղել, որն էլ պետութեան կողմից վարած այս քաղաքականութեան հիմնական պատճառն է: Մարաշի կոտորածից յետոյ էլ, նոյն ձեւով, ալեւիները ժամանակի աշխուժ հասարակական շերտերի առաջամարտիկներ էին, ինչը ճանապարհ բացեց այս կոտորածը ծրագրելու եւ իրականացնելու առաջ:

Ճնշուող բոլոր հասարակական կառոյցների նման` ալեւիների նկատմամբ էլ իրականացուած այսքան կոտորածներից յետոյ անհրաժեշտ է թոյլ չտալ, որ մէկ անգամ եւս կոտորած տեղի ունենայ: Դրա համար էլ մի բան է անհրաժեշտ անել, դա էլ շատ պարզ է` կոտորածների դէմ ինքնապաշտպանական մեքանիզմներ պէտք է ստեղծուեն, դրա մեթոտներն ու գործիքները պէտք  է զարգացուեն: Ալեւիները պէտք է ոչ մէկից գթասրտութիւն չխնդրեն, ոեւէ մէկից արդարադատութիւն չսպասեն: Ջարդարար քաղաքականութեան դէմ դիմադրութիւնը  պարտադիր ու կենսական է:

http://gazetekarinca.com/2017/12/1915ten-1978e-maras-katliaminin-tanigi-aziz-tunc-anlatiyor

«Ակունք»

 

 

Լեւոն Շանթի Գեղարուեստական Գրականութիւնը Հասկնալու Եւ Բաղդատելու Փորձ Մը. 6 Ապրիլ 1869, Պոլիս – 29 Նոյեմբեր 1951, Պէյրութ

$
0
0

Այնքա՜ն գրուած եւ խօսուած է Լեւոն Շանթի մասին, որ իր գրականութիւնը ինքնուրոյն կերպով հասկնալու համար աւելի լաւ է որդեգրել ենթակայական մօտեցում: Ինչպէս կ’ըսէ ֆրանսական առածը, մշակոյթը այն է, որ կը մնայ, երբ մեր սորվածը մոռցած կ’ըլլանք: Այդպէս ալ պիտի փորձեմ յիշողութեան ճամբաներու վրայ վերագտնել Լեւոն Շանթը, ոչ միայն այնպէս, որ էր եւ է ինք, այլ` ըմբռնել, թէ ինչպէ՛ս կը ստեղծուի իր գրականութեան ստացումը այսօր, եթէ բաղդատութիւններ փորձենք, ինչպէս կը վերաբերի այսպէս կոչուած մտաւորական ընտրանին եւ ապա զանգուածը, որ ընթերցող է եւ հանդիսատես:

Թող զարմանալի չթուի. սփիւռքի մէջ Լեւոն Շանթ կը ճանչնան իր աշակերտները եւ մտաւորականները, որոնք այլեւս բազմաթիւ չեն: Անոնք կը պահէին յիշատակներ, տպաւորութիւններ, երախտագիտական զգացումներ: Սփիւռքի մէջ մարդիկ կը լսեն եւ կը լսէին Լեւոն Շանթի մասին իր թատերախաղերու ներկայացումներուն առիթով: Տպուածի ընթերցողները միշտ փոքրամասնութիւն եղած են, հետզհետէ` աւելի նուազող, իսկ երբ տպուածը ամբոխը հետաքրքրող ոճիր-արկածի պատում չէ, ինչպէս` Հայաստանի հեռուստաալիքները խճողած սերիալները, կամ` ոճիր-արկածի պատումները, ընթերցողը կը դառնայ հազուագիւտ: Աւելցնենք հայ գիր եւ գիրք չկարդացողներու ցանկին վրայ բոլոր անոնք, որոնք հայերէնը կը լքեն, արտասահման, նաեւ` Հայաստան:

Սփիւռքի մեր սերունդին համար առասպելական դէմքեր էին` Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Կոստան Զարեան, նաեւ` այլ դէմքեր, ինչպէս` Աւետիս Ահարոնեան, Վահան Նաւասարդեան, Բենիամին Թաշեան, նաեւ` ուրիշներ, ինչպէս` Շաւարշ Նարդունի, Համաստեղ, Արամ Հայկազ, եւ ժամանակակիցներ` Եդուարդ Պոյաճեան կամ Անդրանիկ Ծառուկեան: Երբ հայկական դպրոցները նուազ համարկուած էին միջավայրին եւ անոր օրէնքներուն, օտար լեզուի ուսուցման ճնշումը չկար, հայ աշակերտութիւնը աւելի կ’ընկալէր հայ գրականութիւնը: Այդ ընկալման օղակը հիմա սեղմուած է ամէնուրեք:

Լեւոն Շանթի «Ինկած բերդի իշխանուհին», «Կայսրը», «Հին աստուածները» երբ ներկայացուէին, սրահները կը յորդէին, աշակերտներուն համար յատուկ ներկայացումներ կ’ըլլային: Հայերէն ներկայացում էր, եւ մարդիկ սրահ կ’երթային հաղորդուելու, հայերէն լսելու, բացակայ չըլլալու, պարտականութիւն կատարած ըլլալու համար: Բեմէն մաքուր առոգանութիւն կը հնչէր, թատրոնը դաստիարակի դեր կը կատարէր նաեւ, նոյնիսկ եթէ ներկաները, բացի պատմութենէն, չէին կրնար հեղինակին միտքերը կարդալ պատկերներու, իմաստ փոխադրող խօսքերու, թատերական դիմակայումներու ընդմէջէն: Անոնք իրենք իրենց հարց չէին տար հասկնալու համար, թէ «Հին աստուածներու» Վանահօր կամ Աբեղայի հոգեկան տակնուվրայութիւններու ետին ի՛նչ փիլիսոփայական խորհուրդ կար. իրենց համար անոնք այս կամ այն գաղափարի մարմնացումները չէին, ինչպէս այդ կ’ընէ գրական կամ թատերական երկի մը վերլուծողը: Պատկերազարդ պատմութիւն մը կը տողանցէր բեմին վրայ:

Հոս կ’ուզեմ նշում մը ընել: Գրական երկի մը հերոսները եւ կացութիւնները հեղինակին ներաշխարհը կը ներկայացնեն` անոնք ըլլան ապրուած իրականութիւն, թէ երազ, մտածում, չբաւարարուած ցանկութիւն: Հեղինակի մը համար կ’ըսէի, որ հայելիին մէջ կը նայի եւ կը գրէ, գործածած էի «ինքնախօսութիւն» բառը: Հերոսները հեղինակի տարբեր զգացումներու արձագանգն են: Լեւոն Շանթ բացառութիւն չէ, քանի որ իր ապրած ժամանակի խնդիրները, ակնկալութիւնները, երազները եւ դառնութիւնները նաեւ ինք կ’ապրէր եւ ապրեցաւ` երիտասարդական զգացումներէն մինչեւ ազգային-քաղաքական մաքառումներ, յաջողութիւններ եւ ձախողութիւններ: Իր գլխաւոր երկերը հեղինակեց, երբ հայրենիքէն դուրս էր, հայրենիքէն դուրս ըլլալ, ինչ ալ ըլլան պայմանները, աքսոր է մտաւորականին եւ գրողին համար, ան նաեւ հոգեկան աքսոր է:

Ինչ կը վերաբերի գրողի, բանաստեղծի, թատերագրի եւ ընդհանրապէս արուեստի գործերուն, որքան ալ առարկայական ըլլանք, մեր դատումները կը հիմնուին մեր կենսափորձին, ծանօթութիւններուն, գիտական պատրաստութեան, ընկերամշակութային եւ քաղաքական կողմնորոշումներուն վրայ: Այսինքն ստեղծագործական աշխարհին նկատմամբ, մեր դատումները եւ գնահատումները ամբողջական կերպով առարկայական չեն կրնար ըլլալ: Արդարը, ճշգրիտը եւ ճշմարիտը ձգտում են: Անցողակի ըսենք, օրինակ, որ մեր գրական մեծ քննադատը` Յակոբ Օշական, նախատրամադրուած եղած է Լեւոն Շանթի նկատմամբ, եւ միշտ` բացասական քննադատութեամբ հրապարակ եկած: Միակը չէ, որ այդպէս էր, նաեւ` Շիրվանզադէ: Կայ նաեւ մօտեցման միւս երեսը, երբ արտայայտուողները կը փորձեն անպայման գերագնահատել երկ մը: Այլապէս եւ այլ տեղ քննելի հարց:

Լեւոն Շանթի թատերական գրականութիւնը կարելի է դիտել իր կեանքի ժամանակաշրջաններու եւ ապրած աշխարհագրութիւններու  լոյսին տակ: Ի հարկէ այսօր չէ, որ կը կատարուի Լեւոն Շանթի գրականութեան գիւտը: Առաջին օրէն իսկ արտայայտուողներ եղած են, վերլուծողներ: Թերեւս շատ աւելի էջեր գրուած են Լեւոն Շանթի գրականութեան մասին, քան ինչ որ են իր էջերը: Յաւակնութիւն չունիմ հոս ամբողջական մատենագիտութիւնը տալու գրաքննադատական եւ յաճախ նաեւ իր մասին եղած զուտ գովերգական գրականութեան: Զրոյցի մը մակարդակին այդքան ալ կարեւոր չէ այդ, մանաւանդ որ այդ ձեւով կը դժուարանայ սեփական կարծիքի գոյացումը: Պարզապէս յիշեցման համար արձանագրենք, որ տարբեր ժամանակներ եւ տարբեր հակումներով մարդիկ գրած եւ խօսած են, ինչպէս` Շիրվանզադէն, խորհրդային շրջանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Թոփչեանը, Նիկոլ Աղբալեանը, Մինաս Թէօլէօլեանը, որուն միջոցով է, որ առաջին անգամ լսած եմ Լեւոն Շանթի մասին: Խօսուած է նաեւ Լեւոն Շանթի մանկավարժութեան, լեզուին եւ դասագիրքերուն մասին: Առատ նիւթ կայ, ամփոփ եւ դիպուկ, 2009-ին լոյս տեսած Լեւոն Շանթի նուիրուած գիտաժողովի արտայայտութիւններու հատորին մէջ, ուր յաճախ կան արագ եւ լուսաբանող նշումներ:

Ինչպէս յաճախ ըսած եմ, գրախօսականները, վերլուծումները, ուսումնասիրութիւնները միշտ օգտակար ըլլալով հանդերձ, ըլլալով հանդերձ բազմաձայն երկխօսութիւն ժամանակի գիծին վրայ` հեռուի եւ մօտի մարդոց հետ, ոչինչ կը փոխարինէ ուղղակի ծանօթութիւնը, ընթերցումով կամ հանդիսատեսի աչքով եւ ականջով: Գրական գործ մը հասկնալու յոռեգոյն եղանակը ընթերցումէ առաջ անոր մասին գրախօսականով կամ մեկնաբանութիւն  լսելով կարծիք կազմել է:

Անցեալ դարու մեծ իմաստասէր Հուսերլ կ’ըսէր, որ` «հարկ է երթալ դէպի իրերը` մերկ եւ միամիտ հոգիով», այսինքն` առանց նախատրամադրուած ըլլալու ուրիշներու կարծիքով, ընդունուած եւ նուիրականացած ճշմարտութիւններով, ոչ թէ մերժելու կամ ստորագնահատելու համար եղած աշխատանք մը, հեղինակաւոր դատում մը, այլ` զգալու եւ ապրելու համար արուեստի գործի մը, քաղաքական տեսութեան մը, փիլիսոփայական գաղափարի մը արձագանգը մեր մէջ: Պա՛րզ. պէտք է հարց տանք մենք մեզի, թէ ի՞նչ հասկցանք, ի՞նչ տեսանք, ի՞նչ կ’ըսէ ըսուածը, գրական երկը, գեղանկարը: Նոյն բանը չենք տեսներ եւ չենք լսեր, երբ պատանի ենք, երբ երիտասարդ ենք, երբ կենսափորձ ունինք, կամ կը պատկանինք ընկերային տարբեր միջավայրերու: Առաւել, կայ նաեւ հիմնականը. պէտք է հարց տանք նաեւ, թէ ի՞նչ կ’ըսէ հեղինակը, որո՞ւ կ’ուղղուի իր խօսքը: Մեծն Սոկրատ կ’ըսէր, որ հարցումները աւելի կարեւոր են, քան` անոնց տրուած պատասխանները, քանի որ հարցումը առաջին քայլն է ըմբռնումի: Ֆրանսացի ինքնատիպ գրող Անթուան տը Սենթ Էկզիւփերի կ’ըսէր, որ` «ճշմարտութիւնը մէկուն համար կառուցել է, միւսին համար` բնակիլ»:

 

Սեպտեմբեր 2017
Երեւան

Խօսուած թատերական հիմնարկին մէջ

(Շար. 1)


Թատերական Շարժումը Լիբանանի Մէջ 1940-1970 Թուականներուն (Թատրոնի Միջազգային Օրուան Առիթով)

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ

Մարտ 27-ը Միջազգային թատերական հիմնարկին (International theater institute) նախաձեռնութեամբ ծնունդ առաւ Համաշխարհային թատրոնի օրը 1961-ին: Այս օրը` մարտ 27-ին, աշխարհի բոլոր թատերական գործիչներուն կողմէ կը նշուի, եւ կը կազմակերպուին զանազան թատերական ձեռնարկներ, կը յարգուին ու կը մեծարուին թատերական գործիչներ:

Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով,  հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ թատրոնի, շարժապատկերի, ձայնասփիւռի, պատկերասփիւռի սենտիքային եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ այսօր` 27 մարտ 2018-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, որուն ընթացքին պիտի մեծարուին լիբանանահայ թատրոնի վաստակաւոր գործիչներ` Նուպար Մանուկեանը, Յովսէփ Գափլանեանը, Զաւէն Պաաքլինին, Յակոբ Գալայճեանը եւ Կարօ Քիրիաքոն: Օրուան իբրեւ գլխաւոր բանախօս` հրաւիրուած է դոկտ. Մովսէս Հերկելեանը:

Այս առիթով, որպէս թատրոնի համեստ գործիչ, պիտի ուզէի արագ ակնարկ մը նետել լիբանանահայ թատերական շարժումին իրենց գլխաւոր բաժինը բերած կարգ մը երախտաւոր գործիչներուն վրայ` յիշելով անոնց անունները եւ յիշեցնելով ընթերցողներուն, որ մենք ունեցած ենք թատրոնի տաղանդաւոր մարդիկ, որոնք բարձր պահած են մեր գաղութին թատերական բեմի մակարդակը:

Նախապէս յօդուածով մը անդրադարձած եմ մեր գաղութի թատերական շարժումի 1920-1940-թուականներու գործիչներուն մասին: Սոյն յօդուածով փորձեմ անդրադառնալ 1940-1975 թուականներու թատերական շարժումին:

Լիբանանահայ թատերական շարժումի վերելքին մէջ իրենց կարեւոր բաժինը բերին յատկապէս Ժորժ Սարգիսեանը եւ Պերճ Ֆազլեանը, որոնց յետոյ միացան Գրիգոր Սաթամեանը եւ Վարուժան Խտըշեանը: Ասոնց կողքին, միշտ եղան բեմադրիչներ եւ բեմի ղեկավարներ, որոնք պարբերաբար կազմակերպեցին ներկայացումներ եւ իրենց դրական ներդրումը բերին լիբանանահայ թատերական խճանկարին:

Այս թատերական գործիչներէն կ՛արժէ յիշել անունները` Դաւիթ Յ. Էվէրէկլեանին, Թաթուլ Այնեճեանին, Կայծակ Գնդունիին, Յարութ Երէցեանին, Լութֆի Թապագեանին, Օննիկ Գանթարճեանին, Երջօ Մարգարեանին, Զոհրապ Եագուպեանին, Սիմոն Մենակեանին, Ժիրայր Աւետիսեանին, Վաչէ Ատրունիին, Ռոպերթ Առաքելեանին, Լանա Ատրունիին, Գրիգոր Տեկիրմենճեանին, Յարութ Գնդունիին, Մուշեղ Մուղալեանին, Վիգէն Ստեփանեանին, Յովհաննէս Հելվաճեանին,  Սուրէն Խտըշեանին, Յակոբ Տէր Ղուկասեանին, Վարդան Մկրտիչեանին, Երուանդ Ղազանճեանին եւ ուրիշներու:

Սակայն Ժորժ Սարգիսեանն ու Պերճ Ֆազլեանը, ապա Գրիգոր Սաթամեանն ու Վարուժան Խտըշեանը սկզբնական շրջանին, մինչեւ 1975 թուականը, միշտ կենսունակ եւ թարմ պահեցին լիբանանահայ գաղութի հաշմանդամ թատրոնի բեմը:

Ժորժ Սարգիսեանին պատրաստած ու բեմադրած թատերախաղերը շարունակեցին դիմանալ մինչեւ 1974-1975 թուականները: Ան միշտ ընտրեց այնպիսի թատերախաղեր, որոնք հիմնուած էին առաւելաբար խօսքի վրայ, քան` շարժումի: Ան 45 տարի մնաց պատնէշի վրայ եւ իր մեծ նպաստը բերաւ լիբանանահայ թատրոնի հանդիսատեսի պատրաստութեան մէջ: Ան լուրջ ու բծախնդիր աշխատանք տարաւ ու հասցուց թատերական գործիչներու սերունդ:

Իսկ Պերճ Ֆազլեանը ստեղծեց խանդավառութիւն` հրապարակ նետելով դասական հեղինակներու գործեր, որոնք նորութիւն բերին լիբանանահայ թատերական շարժումին մէջ:

Ֆազլեանի շուրջ հաւաքուած երիտասարդներուն քով չէին պակսեր բեմական ձայնը, առոգանութիւնը եւ բեմական հասկացողութիւնը: Բան մը, որ կարելի է հեշտութեամբ նկատել նաեւ Ժորժ Սարգիսեանի խումբին մէջ:

Պէտք է նշեմ, որ Ֆազլեանն ու Սարգիսեանը լիբանանահայ թատերական պատմութեան մէջ բացին նոր ու ճոխ էջ մը եւ հասցուցին սերունդներ: Անոնք հանդիսացան լիբանանահայ թատրոնի առաջնակարգ դէմքերէն եւ յառաջ տարին թատերական ջահը:

1967-ին Վարուժան Խտըշեանը հիմնեց «Թատրոն 67» թատերախումբը: Խտըշեանը թատերական իր առաջին քայլերը կ՛առնէ Համազգայինի թատերասէրներու միութեան «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին մէջ: 1963-ին ան կը մեկնի Անգլիա եւ աւարտելով տեղւոյն «Ռապրթ-Տաքլըս էքէտըմի օֆ տրամաթիկ արթ» թատերական դպրոցը` կը վերադառնայ Պէյրութ ու կը սկսի թատերական գործունէութեան: Ան լիբանանահայ հասարակութեան կը ներկայացնէ բոլորովին նոր հեղինակներ եւ նոր թատերախաղեր: Անոր մէջ կը զգացուին բծախնդրութիւն եւ արուեստի մակարդակ:

Մինչեւ 2000 թուականը Վարուժան Խտըշեանը մեր գաղութին մէջ կը ներկայացնէ տասնեակներով թատերախաղեր` միշտ խօսեցնել տալով հայ թէ օտար մամուլը իր մասին:

Մինչեւ Վ. Խտըշեանի թատերական գործունէութեան մուտքը` լիբանանահայ հանդիսատեսը հատուկենտ հանդիպեցաւ թատերական նորութիւններու:

Ժորժ Սարգիսեանի, Պերճ Ֆազլեանի բեմադրութիւնները երբեմն անակնկալներ ստեղծեցին, սակայն Խտըշեանին բեմադրութիւնները քայլ մը առաջ տարին լիբանանահայ բեմը, եւ մեծ հեղինակներու գործերը հետաքրքրութեամբ դիտուեցան հայ հանդիսատեսին կողմէ:

Չենք ուզեր թերագնահատել Սարգիսեանի եւ Ֆազլեանի բեմադրութիւնները, ուրանալ անոնց աշխատանքը: Անոնք իրենց յատուկ տեղը ունին լիբանանահայ թատրոնի պատմութեան էջերուն մէջ: Սակայն Խտըշեանի բեմադրութիւնները տարբեր շունչ մը բերին լիբանանահայ բեմին:

Այս շրջանին, ինչպէս նշեցինք, նոյն ատեն Լոնտոնի թատերական դպրոցներէն վկայեալ` Պէյրութ կու գայ Գրիգոր Սաթամեանը: Գ. Սաթամեանը Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը աւարտելէ ետք, 1964-ին կը մեկնի Անգլիա եւ կը մասնագիտանայ բեմարուեստի եւ ֆիլմարուեստի մէջ` յաճախելով «Լանտըն սքուլ օֆ ֆիլմ թեքնիք» դպրոցը, 1968-ին կը վերադառնայ Պէյրութ եւ կը սկսի թատերական իր գործունէութեան, կը հիմնէ թատերական դպրոց, ուրկէ դուրս կու գան երիտասարդ թատերական գործիչներ` դերասաններ եւ բեմադրիչներ:

Անցնինք:

1940-1966 թուականներուն, ընդհատումներով, Լիբանանի մէջ կը գործէ Հ.Կ.Ե. միութեան թատերախումբը եւ կը ներկայացնէ զանազան թատերախաղեր, ինչպէս` «Աշխարհի դատաստանը», «Հայրենիքի սէր», «Պատուի համար», «Ագահը», «Վարդանանք» եւ այլ թատերախաղեր:

Այս խումբին մէջ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` Պօղոս Մենտիլեանը, Կայծակ Գնդունին, Դաւիթ Յ. Էվէրէկլեանը: Հետագային խումբը կ՛որդեգրէ «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբ անունը: Խումբին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Սիմոն Կոստանդինեանը եւ ուրիշներ:

ՀԿԵՄ-ի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը կու տայ տասնեակ մը ներկայացումներ եւ կը հանդիսանայ լիբանանահայ նախնական թատերական շարժումի գլխաւոր խումբերէն մէկը, որ գաղութահայութեան համբերատար վարժութիւնը կու տայ թատերական ներկայացում մը դիտելու: Հոս է, որ առաջին անգամ կը հանդիպինք օտար հեղինակներէ թարգմանութիւններու, որոնց բեմադրութիւնը որոշ ճաշակ մը կ՛աւելցնէ եւ գաղափար մը կու տայ թատերական զանազանութեան մասին:

Այսպէս, թատերախաղերը դուրս գալով զաւեշտի մակարդակէն` կը ստանան երանգ ու մարմին:

1943-ին ծնունդ կ՛առնէ «Ռուբէն Մամուլեան» թատերախումբը, որուն կազմին մէջ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Պօղոս Մենտիլեանը, Կայծակ Գնդունին, Դաւիթ Էվէրէկլեանը: Տարի մը ետք խումբը կը լռէ: Յիշեալ թատերախումբը կը ղեկավարէ Վազգէն Այգունին, որ այդ շրջանին խմբագրապետն էր «Հայ Գիր» ամսագիրին: Այս խումբը յաջորդաբար կը ներկայացնէ Պետրոս Դուրեանի «Սեւ հողեր»-ը, Վ. Այգունիի «Թաղականը», Շիրվանզադէի «Նամուսը»: Այս մասին Դաւիթ Էվէրէկլեան իր «Թատերայուշեր» (1973, Պէյրութ) գիրքին մէջ կը գրէ. «Հիացումով իմացեր էինք անոր (Վ. Այգունիի) բեմադրած Շիրվանզադէի «Նամուս»-ին մասին: Բացի թատերական գործունէութենէ` այս խումբը կը ձգտէր իր շրջապատին մէջ գեղարուեստական մակարդակի բարձրացման, յաճախակի սարքերով գրական յաջող երեկոներ` նուիրուած մեր մեծանուն գրագէտներուն»:

1943-ին կը յիշուի Պօղոս Մենտիլեանին թատերախումբը, որ կը ներկայացնէ Աւետիս Ահարոնեանի «Արցունքի հովերը», «Թմկաբերդի առումը», «Պիլպուղի»-ն: Նոյն տարին կը յիշուի նաեւ «Մեհր» թատերախումբը, որ կը ներկայացնէ Երուանդ Օտեանի «Հերոսախաղը» եւ կարգ մը զաւեշտներ:

1946-ին կովկասահայ Բարսեղ Աբովեան կ՛այցելէ լիբանանահայ գաղութը, ուր կը ներկայացնէ Ճիաքոմետիի «Քորրատօ»-ն, Սունդուկեանի «Պէպօ»-ն եւ «Հեքիաթ»-ը գործերը: Այս շարժումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սամուէլ Խանտիկեանը, Ժորժ Շահապեանը եւ ուրիշներ:

1946-1947 տարիներուն կը տօնուի «Հայ թատրոնի 2000-ամեակը»: Այս առիթով կը ներկայացուին մէկական պատկեր «Պէպօ», «Պատուի համար», «Արա Գեղեցիկ», «Անուշ» եւ «Թիթեռնիկ»: Թատերախաղերէն բացի` նոյն ատեն կը տրուին «Հայ թատրոնի պատմութիւնը», «Հայ թատրերգութիւնը» խորագիրով դասախօսութիւններ:

1946-1954 թուականներուն ծնունդ կ՛առնէ եւ կը գործէ «Լիբանանահայ թատերախումբ»-ը, որ կը ներկայացնէ 18 թատերախաղեր: Խումբը իր բեղուն գործունէութիւնը պահած է ութ տարի: Յիշեալ խումբը կը ներկայացնէ` Շիրվանզադէի «Եւգինէ»-ն, Աւետիս Ահարոնեանի «Արցունքի հովիտը», Պ. Դուրեանի «Սեւ հողեր»-ը, Ճիաքոմետիի «Քորրատօ»-ն, Շիլլերի «Անիծեալը», Ալեքսանտրովիչի «Աշխարհի դատաստանը» եւ այլ մակարդակ ունեցող թատերախաղեր, որոնց մասին ժամանակի մամուլը կ՛արձագանգէ, ինչպէս` «Ազդակ», «Զարթօնք», «Արարատ», «Մասիս», «Առաւօտ», «Ազդարար», «Յուշարար»:

Օրինակ մը տալու համար մէջբերենք «Առաւօտ» օրաթերթի 16 մայիս 1948 թիւին մէջ (Ժ. տարի, նոր շրջան) հրատարակուած թղթակցութենէն քանի մը տող. «Մեր գաղութահայ անձեռնտու պայմանները եւ նիւթական միջոցներու յուսալքիչ տկարութիւնը աչքի առաջ ունենալով` կրնանք որոշապէս ըսել, որ մեծ դժուարութիւններով մէջտեղ բերուած այս ներկայացումը (խօսքը Դաւիթ Էվէրէկլեանի «Ծաղկավաճառուհին» մասին է) քաջալերիչ յաջողութիւն մըն է «Լիբանանահայ թատերախումբ»-ի երիտասարդ սիրողներուն, ինչպէս եւ անոր երիտասարդ ու խոստմնալից բեմադրիչին` Օննիկ Քեքլիկեանին համար»:

Այս մասին Դ. Էվէրէկլեանը, որպէս վկայ, իր «Թատերայուշեր» գիրքին մէջ կը գրէ. «Լիբանանահայ իրականութեան` թատերական մարզին մէջ 1946-1954 տարիներուն իր համեստ անկիւնը գրաւելով` մեր թատրոնի գոյատեւման ճիգին իր գործօն բաժինը զոհաբերող «Լիբանանահայ թատերախումբ»-ը պատմութեան կ՛անցնի` իբրեւ անկախ եւ անկաշկանդ խումբ մը, որ անխտիր իր ուժերը ի սպաս դրած է գաղութիս, իրերամերժ հատուածներուն ի նպաստ` անոնց անվերապահօրէն սպառելով իր էութեանը»:

50-ական թուականներուն Աշոտ Մատաթեանը  (Պոլիս) կ՛այցելէ Պէյրութ եւ կը բեմադրէ Դ. Դեմիրճեանի «Վարդանանք»-ը, Ե. Օտեանի «Չարշըլը Արթին աղա»-ն, Շիրվանզադէի «Նամուսը», Տիգրան Կամսարականի «Վարժապետին աղջիկը», «Աւերակներու վրայ», «Միւսին մեղքը», «Երկու ճամբայ» եւ այլ գործեր: Աշոտ Մատաթեանը կու գար Պոլսէն եւ հետը կը բերէր բեմադրական նորութիւններ:

Մատաթեանի ներկայացումներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սիրարփ Յակոբեանն ու Պերճ Ֆազլեանը: 50-ական թուականներու թատերական կեանքին մէջ իրենց գործունէութեամբ կը յիշուին Արմէն Եանըքեանի «Արա Գեղեցիկ», Երուանդ Չափրաստի «Աբիսողոմ աղա», Անդրանիկ Կարապետեանին անունները:

1956-ի մարտին «Նոր Բեմ» անուն խումբ մը, Լիբանանահայ գրական շրջանակի հովանաւորութեամբ եւ Պերճ Ֆազլեանի բեմադրութեամբ, կը ներկայացնէ Պեն Ճոնսընի «Վոլբոնէ» թատերախաղը, որուն մէջ դերեր կը ստանձնեն` ասմունքող Վարդան Չարըքեանը, Զաւէն Գալուստեանը, Գէորգ Սողոմոնեանը, Յարութ Թումանեանը եւ Թորոս Սարգիսեանը: Այս շրջանի մասին Պերճ Ֆազլեան իր հրատարակած «Վրաններ պողոտաներու վրայ» գիրքին մէջ (էջ 56) կը գրէ. «Մինչեւ 50-ական թուականները, բացի Համազգայինի խաղացանկէն, Պէյրութի բեմերուն վրայ ներկայացուած էին «Սօս եւ Վարդիթեռ», «Պըլ-Պուղի», «Արցունքի հովիտը», «Քսան կախաղանները» եւ այլ գործեր, որոնք կը թուին ըլլալ «ազգային», բայց դժբախտաբար անոնց մէջ, բացի տիպարներու անուններէն, ազգային ոչինչ կայ»:

Պէյրութահայ թատերական պատմութեան մէջ «Վոլբոնէ»-ն առաջինն էր, որ պիտի ներկայացուէր առանց յուշարարի: Ներկայացումը մեծ յաջողութիւն կը գտնէ, կը բերէ նորութիւն` որպէս հեղինակ, բեմադրութիւն, խմբային խաղարկութիւն եւ որպէս դասական գործ` կը հասնի հանդիսատեսին:

Այս մասին լիբանանահայ մտաւորական Ժիրայր Դանիէլեանը կը յիշէ. «1956 թուականին, Սահակեան վարժարանի թիթեղածածկ սրահին մէջ, առաջին անգամ ականատես եղած եմ Պերճ Ֆազլեանին բեմադրած Պեն Ճոնսընի «Վոլբոնէ» թատերախաղին` Լիբանանահայ գրական շրջանակի «Նոր բեմ» թատերախումբով: Պատանիի իմ հետաքրքիր աչքերուն համար շլացուցիչ էր այդ առաջին հանդիպումը «Վոլբոնէ»-ին կամ Պերճ Ֆազլեանին հետ: Այնուհետեւ գրեթէ անխափան ներկայ գտնուած եմ Ֆազլեանի բեմադրած բոլոր թատերախաղերուն: Ես եւ իմ սերնդակիցներս եղանք ապրող վկաները լիբանանահայ յեղաշրջուող թատրոնին եւ անոր որակական զարգացումին` շնորհիւ Պերճ Ֆազլեանին»:

1958-ին կը հիմնուի ՀԲԸՄ-ի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան թատերախումբը, որ հետագային` 1959-ին կ՛անուանուի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբ:

60-ական թուականներուն պէյրութահայ թատրոնը արդէն ուժեղ է: Ինչպէս որ յիշեցինք, Պէյրութ կը ժամանեն թատրոնի երիտասարդ մասնագէտներ` Վարուժան Խտըշեանն ու Գրիգոր Սաթամեանը, որոնք կու գային Լոնտոնէն, ինչպէս նաեւ նոյն տարիներուն հայրենիքէն` Երեւանէն կու գային թատերական հիմնարկը աւարտած երիտասարդներ:

1966-ին Թաթուլ Այնեճեան հիմը կը դնէ Պուրճ Համուտի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին: Նոյն տարին Պէյրութ կը ժամանէ Խ. Հայաստանի «Սունդուկեան»-ի անուան պետական թատրոնը, որուն մէջ` Վահրամ Փափազեանը, Աւետ Աւետիսեանը, Գուրգէն Ջանիբէկեանը, Վարդան Աճեմեանը, Խորէն Աբրահամեանը, Մհեր Մկրտչեանը, Սօս Սարգսեանը, Վարդուհի Վարդերեսեանը, Մետաքսիա Սիմոնեանը, Վալոտիա Ապաճեանը, Բաբգէն Ներսիսեանը, Գեղամ Յարութիւնեանը եւ ուրիշներ: Կը ներկայացնեն` Զարեանի «Արա Գեղեցիկ»-ը, Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար Աղբար»-ը, Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներում է»-ն եւ այլ դասական գործեր:

1967-ի Վարուժան Խտըշեան կը հիմնէ «Թատրոն 67» խումբը:

Երկու տարի ետք` 1969-ին, «Նոր սերունդ» մշակութային միութիւնը կը հիմնէ «Արտաւազդ» թատերախումբը` որպէս բեմադրիչ հրաւիրելով Լութֆիկ Թապագեանը եւ Յարութիւն Երէցեանը: Խումբը բեմ կը հանէ Դ. Դեմիրճեանի «Քաջ Նազար»-ը, Մոլիէրի «Քաղքենի ազնուական»-ը, եւ այլ գործեր:

1969-ի վերջերուն Սիմոն Մնակեանը եւ Զոհրապ Եագուպեանը միասնաբար կը հիմնեն «Նոր թատրոն» անունով խումբը: Կը ներկայացնեն զանազան թատերախաղեր:

Պարոնեանի-«Ալաֆրանկան»,-1978,-Վարուժան Խտըշեան եւ Յարութ Գնդունի

1973-1974 տարեշրջանին պէյրութահայ թատերական շարժումը կը հասնի իր գագաթնակէտին եւ գաղութը կը յագենայ թատերական ներկայացումներով: Այս մասին Լեւոն Թորոսեանը իր «Յետադարձ գնահատանք «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի նուաճումներուն` 1959-1975» յօդուածին մէջ կը գրէ. «1973-1974 եղանակին լիբանանահայ թատրոնը կ՛ապրի ոսկեդար աւետող տարեշրջան մը: Արդարեւ, եօթը-ութ ամիսներու ընթացքին բեմ կը բարձրանան 12 անուն թատերակներ, որոնց չորսը` հայկական. Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար»-ն ու «Արեւելեան ատամնաբուժը», Տիգրան Կամսարականի եւ Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պէպօ»-ն: Կը ստեղծուի աննախընթաց երեւոյթ, երբ նոյն շաբաթ երեկոյեան Պէյրութի աւելի քան 9 հայկական թատերախումբերը աւելի քան 6 տարբեր ներկայացումներ կը հրամցնեն հայ հանրութեան: Այսպիսի փայփայիչ վիճակագրական թուանշաններ երբեք չէր ունեցած լիբանանահայ թատրոնը: Քանակի կողքին, նաեւ որակը արձանագրած էր վիթխարի յառաջդիմութիւն»:

1974-ին Պէյրութ կը ժամանէ հայրենի ծանօթ դերասան Մհեր Մկրտչեանը եւ տեղական ուժերով կը բեմադրէ Յ. Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար»-ը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` Աստղիկ Գասապեանը, Թորոս Սպիտանեանը, Յարութ Գնդունին եւ ուրիշներ:

Սահակեան վարժարանի «թիթեղեայ» թատրոնին անունը ոսկի տառերով պէտք է գրուի եւ արձանագրուի լիբանանահայ թատերական պատմութեան մէջ:

Լիբանանահայ գաղութը մինչեւ 60-ական թուականները բեմի ոչ մէկ մասնագէտ ունեցած է: Այդ իսկ պատճառով գաղութը, ըստ տրամաբանական տուեալներու, ինքնըստինքեան մէջտեղ եկած է թատերականօրէն` օգնութեամբ արուեստագէտ բեմադրիչներու, որոնք ունենալով հանդերձ բնատուր տաղանդ, օգտուած են իրենց դիտած թատերախաղերէն եւ այցելու դերասաններէն:

Անմիջապէս աւելցնենք, որ գաղութս այցելող դերասան-բեմադրիչներուն ներկայացուցած գործերը ընդհանրապէս կ՛ըլլային հապճեպ պատրաստութիւններ: Այս մասին` Դաւիթ Յ. Էվէրէկլեանի վկայութիւնը. «Ինչպէս` բոլոր այցելու դերասաններու ներկայացումները, հապճեպ պատրաստուած էր Վարդեանի ձեռնարկն եւս, որուն մէջ բծախնդիր աշխատանք եւ ընտիր բեմադրութիւն կարելի չէր որոնել»: Այս տողերը գրուած են 1955-ին, երբ Արփիար Վարդեանը եկած էր Պէյրութ:

Այն շրջանին, երբ մէջտեղ եկան թատերախումբեր, զաւեշտներու կողքին, երեւցան ազգային թատերախաղեր` «Վարդանանք», «Սեւ հողեր», «Քսան կախաղաններ», «Տանջուածներ», «Արա գեղեցիկ», «Սօս եւ Վարդիթեռ» եւ ասոնց նման թատրերգութիւններ, որոնք ինչ ձեւով ու որակով կամ մակարդակով ալ ներկայացուէին,  կը խլէին հասարակութեան ծափերը` որպէս ազգային գործեր: Եւ ընդհանրապէս այդ շրջանի բեմ հանուած են հայ ժողովուրդի պատմական ու հերոսական դրուագներէն առնուած նիւթեր:

Ինչպէս յիշեցի, այդ ներկայացումներուն անարուեստ ըլլալուն պատճառը, կամ գլխաւոր պատճառներէն մին տգիտութիւնն էր, երկրորդ` նիւթական դժուարութիւնը, երրորդ` ղեկավարի ու առաջնորդի պակասը: Մէկ խօսքով, ոչինչէն բան մը ստեղծելու հրաշքն էր, որ կատարուեցաւ այդ շրջանին, երբ մեր խեղճ, լքուած ժողովուրդը գլուխ բարձրացուց, դպրոց բացաւ ու կարդալ սորվեցաւ, եկեղեցի կառուցեց ու աղօթեց, բեմ շինեց ու մշակոյթ մէջտեղ բերաւ, թատրոն ստեղծեց:

20-ական եւ 30-ական թուականներուն լիբանանեան տեղական արաբախօս թատրոն չկար, լիբանանցին, ըստ վկայագրութիւններու, բաւական ուշ սկսաւ հետաքրքրուիլ իր բեմով ու թատրոնով: Ականատես վկաներ կը յիշեն «Քշքըշպեկ» անուն տեղացի դերասանի մը ելոյթները` հետագային, Պէյրութի «Քրիսթալ» թատերասրահին մէջ, որ սկիզբը տարբեր անուն կը կրէր:

Ըստ Անդրանիկ վրդ. Կռանեանին, այդ շրջանին կային վարժարաններու մէջ բեմադրուած օտարալեզու ներկայացումներ, յատկապէս` ֆրանսական գրականութենէն, որոնք որոշ մակարդակ մը ունէին, աւելի քան` «Քշքըշպեկ»-ինը, որուն հանդիսատես եղած է վարդապետ Կռանեան:

Այս բոլորին մասին ուրիշ առիթով մը կ՛անդրադառնանք: Սակայն ես պիտի ուզէի նշել, որ 27 մարտի երեկոյեան մեծարուող  Յովսէփ Գափլեանեանը, Զաւէն Պաաքլինին, Յակոբ Գալայճեանը եւ Կարօ Քիրիաքոն եղած են Վարուժան Խտըշեանի դպրոցէն շրջանաւարտներ, դերասաններ, որոնք իրենց վարպետէն սորված են բծախնդրութիւն եւ մանաւանդ` թատրոնի հանդէպ սէր ու յարգանք:

Այս տղաքը արժանի են մեծարման, անոնք անվերապահօրէն նուիրուած են թատրոնին, այսինքն իրենց բաժինը բերած են սփիւռքի մէջ հայապահպանման սուրբ գործին: Կը մաղթեմ,  որ նոր սերունդին օրինակ ծառայեն անոնք եւ միշտ մնան թատերական պատնէշին վրայ:

Շնորհաւոր ըլլայ թատրոնի գործիչներուն տօնը, յատկապէս` հայ թատրոնի նուիրեալներուն տօնը:

 

——————-

Այդ շրջանին Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը կ՛ունենայ երեք բեմադրիչներ` Գասպար Իփէկեանը, Բաբգէն Փափազեանը եւ Ժորժ Սարգիսեանը. ասոնց կը յաջորդեն`, Վարուժան Խտըշեանը, Վիգէն Ստեփանեանը, Դաւիթ Յակոբեանը, Զոհրապ Եագուպեանը, Յասմիկ Պերթիզեանը, Ռոպերթ Առաքելեանը, Յակոբ Տէր Ղուկասեանը, Սուրէն Խտըշեանը ինչպէս նաեւ Հրայր Գալեբմքէրեանը։

Այս խումբը 1942-էն ի վեր տուած է պերճախօս ներկայացումներ, ընդհանրապէս գնահատուած է մամուլին կողմէ եւ սիրուած` լիբանանահայ թատերասէր հասարակութեան կողմէ:

Մինչեւ 1975 «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին խաղացանկը կազմուած էր հետեւեալ թատերախաղերէ,  զորս բեմադրած է Ժորժ Սարգիսեանը. «Ոսկի աքաղաղը» (Րաֆֆի), «Ինկած բերդի իշխանուհին», «Հին աստուածներ», «Կայսրը», «Շղթայուածը» (Լեւոն Շանթ), «Քաոս» (Շիրվանզադէ), «Պէպօ» (Սունդուկեան), «Օսքար» (Մանիէ), «Երեք մանչ մէկ աղջիկ եւ տան փեսայ» (Ռ. Ֆերտինան), «Փշածաղիկ» (Կրետի եւ Պարիլլէ), «Պղատոնի զոհը» (Մ. Փանիոլ), «Հարցաքննիչը» (Ժ. Պ. Փրիսթլի), «Ժան Կապրիէլ Պորկման եւ ժողովուրդի թշնամին» (Հենրիկ Իբսեն), «Պատուի վայելքը եւ ո՞վ է ճշմարիտը» (Փիրանտելլօ), «Քննիչը» (Կոկոլ), «Քնոք» (Ժ. Ռոմեն) եւ այլ թատերախաղեր:

Մեծ է Ժորժ Սարգիսեանին աշխատանքը ո՛չ միայն այս թատերախումբին համար, այլ` ընդհանրապէս լիբանանահայ բեմին համար: Ան 30 տարուան իր  դերասանական եւ թարգմանական գործունէութիւնը ի սպաս դրած է լիբանանահայ բեմին եւ բեմադրած է մօտ 30 թատերախաղեր: Թարգմանած է շուրջ 15 օտար եւ յայտնի հեղինակներու գործեր, պատրաստած է թատերական ուղղութիւն ունեցող սերունդ մը. մէկ խօսքով, իր բաժինը ի սպաս դրած է թատերական դաստիարակութեան` լիբանանահայ հասարակութեան մէջ, որուն համար երախտապարտ պէտք է ըլլանք:

1959-ին կը հիմնուի ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը եւ մինչեւ 2008 թուական կ՛ունենայ 12 բեմադրիչներ` Պերճ Ֆազլեանը, Գրիգոր Սաթամեանը, Վաչէ Ատրունին, Զաւէն Գալուստեանը, Թորոս Սարգիսեանը, Վաչէ Տօներեանը, Յարութ Գնդունին, Վիգէն Ստեփանեանը, Արտաշէս Յովհաննէսեանը, Գրիգոր Տեկիրմէնճեանը, Երուանդ Ղազանճեանը եւ Վարդան Մկրտիչեանը:

Այս բոլորին ուրիշ առիթով կը խոստանանք անդրադառնալ, սակայն հոս յիշենք Պերճ Ֆազլեանին եւ Գրիգոր Սաթամեանին բեմադրութիւնները:

Պերճ Ֆազլեանը 1959-1996 կը բեմադրէ` «Ստախօսը» (Կոլտոնի), «Ժայռը» (Վրթ. Փափազեան), «Ժորժ Տանտէն եւ Սքաբենի խորամանկութիւնները» (Մոլիէր), «Ժառանգ» (Հենրի Ճէյմս), «Արջը եւ առաջարկ» (Չեխով), «Թոփազ» (Մ. Փանիոլ), «Գարնան անձրեւ» (Գ. Տէր Գրիգորեան), «Վոլբոնէ» (Պեն Ճոնսըն), «Վասքոյի հեքիաթը» (Ժ. Շեհատէ), «Մուսա Լերան 40 օրերը» (Մ. Քոչարեան), «Միջամառնային գիշերուան երազ մը» (Շէյքսփիր), «Կորսուած նամակ մը» (Իոն Քարաճիալէ), «Հին աստուածներ» (Լեւոն Շանթ), «Խաչագողը» (Մոլիէր), «12 զայրացած մարդիկ» (Ռեճինլտ Ռոզ) եւ ուրիշ թատերախաղեր:

Գրիգոր Սաթամեանը, ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբով բեմադրած է «Ստախօսը» (Գ. Կոլտոնի), «Բազում աղմուկ վասն ոչինչի» (Շէյքսփիր), «Կասկածը կնոջ մտքին մէջ» (Ժորժ Ֆէյտօ), «Տիկնոջ հանգուցեալ մայրը» (Ժորժ Ֆէյտօ), «Մթին կատակերգութիւն» (Փ. Շէյֆըր), «Փոխվրէժ» (Էնթընի Շէյֆըր), «Մեծապատիւ մուրացկաններ» (Յակոբ Պարոնեան), «Վարժապետին աղջիկը» (Տիգրան Կամսարական), «Ստահակի մը օրագիրը» (Օսթրովսկի), «Սիրանօ տը Պերժերաք» (Էտ. Ռոսթան) եւ ուրիշ թատերախաղեր:

1967-2000 թուական Վարուժան Խտըշեանը տասնեակներով թատերախաղեր կը բեմադրէ թէ՛ «Թատրոն 67» թատերախումբով եւ թէ՛ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբով: Անոր բեմադրածներէն կրնանք յիշել` «Սալեմի վհուկները» (Արթըր Միլլըր), «Չորս պատկերներ»-ը (Անտոն Չեխով), «Մեծ վարպետ Սոլնես»-ը (Հ. Իբսեն), «Իտալական յարդէ գլխարկ»-ը (Լապիշ), «Ո՞վ է վախցողը Վերճինիա Վուլֆէն»-ը (Ալպի), «Վերակացուն» (Փինփ), «Հին աստուածներ»-ը, «Եսի մարդը», «Վենիտիկեան երկուորեակներ»-ը, «Բոլոր զաւակներս»-ը, «Գինը», «Օսքար»-ը, «Երկրորդ պողոտայի բանտարկեալը», «Շերի նուար»-ը, «Կայսրը»,  «Պրիզպանի գաղթականը», «Եբբէ»-ն, «Երկնքի ճամբով»-ը, «Ցանկայարոյցներու վերջինը»:

——————-

Ակնարկ. Մինչեւ Նախագահութիւն Եւ Նաեւ Նախագահութեան Օրով

$
0
0

Ընտրացանկերու վերջնականացումն ու ընտրական դաշինքներու ճշդումը ըստ ընտրական օրէնքի ամրագրած ընթացակարգային ժամկէտներու կ՛ընթանայ առանց անակնկալներու եւ առանց ցնցումներու:

Ընտրական փառատօնային հաւաքով յայտարարուեցաւ Ազգային Ազատ հոսանք կուսակցութեան համալիբանանեան, բոլոր ընտրաշրջաններուն համար առաջադրուած անուանացանկը:

Դաշնակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը բնականաբար զուտ ընտրական դաշինքի պարագայական տրամաբանութեամբ չի բացատրուիր: Յատկապէս զօր. Աունի աքսորէն վերադարձէն ետք, Դաշնակցութիւնը ընտրաքաղաքական դիրքորոշումներով առաջին օրէն համագործակցեցաւ զօրավարին եւ անոր ղեկավարած շարժումին հետ:

Իրադրութիւնները ունին իրենց շարունակականութիւնն ու  հետեւողականութիւնը, որքան ալ քաղաքական գործընթացներուն մէջ դիրքերէ շեղումներ, կտրուկ շրջադարձներ նկատուին: Այժմու նախագահը առաջին օրէն մնաց սկզբունքային` օրինականութեան  եւ  ընդհանրապէս պետական հաստատութիւններու հեղինակութիւնն ու  վարկը գերադասելու կեցուածքներուն ուղղութեամբ: Նախքան նախագահ ընտրութիւնը հանդէս եկաւ ո՛չ միայն համաքրիստոնէական, այլ նաեւ համահամայնքային առաջադրանքներու գերադասումով: Յատկապէս նախագահ ընտրութենէն ետք իր կատարած յայտարարութիւններն ու գործնապէս ցոյց տրուած անաչառութիւնն ու անկողմնակալութիւնը շատ արագ համոզեցին բոլորը, որ ան կը մեկնի իրաւամբ համալիբանանեան շահերէ եւ պետական բարձրագոյն պաշտօնը ստանձնած ըլլալու պատասխանատուութեան թելադրականութենէն:

Թէ՛ վարչապետին եւ թէ՛ խորհրդարանի նախագահին հետ կապուած ճգնաժամերուն, համակողմանի համոզումներով նախագահը ցոյց տուաւ` պետական մարդէ ակնկալուած սառնասրտութիւն, խոհեմութիւն, փոխանակ հարցերը հրահրելու եւ պետական կեանքը անդամալուծելու, միշտ օրէնքի գերադասումով երկխօսութեան միջոցով հանգուցալուծումներ ապահովելու վարքագիծի հետեւողական դրսեւորում:

Նախագահի ընտրաքաղաքական կենսագրութիւնը արձանագրեց, որ ան ամէն փուլի շարունակեց գերակայ ուղղութիւն նկատել համայնքներու իրողական ներկայացուցչութեան յարգումը, միջհամայնքային համակեցութիւն ապահովելու համար արդար չափաբաժիններով իրաւունքներու տեղաբաշխումը:

Թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով իր արտասանած ճառով, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւն տուած իր պետական այցելութեամբ նախագահ Աուն փոխանցեց կարեւորագոյն ուղերձներ միջազգային ընտանիքին` Հայ դատին, հայկական գործօնին ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ` լիբանանահայ համայնքին եւ Լիբանան-Հայաստան  միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն մասին:

Այս բոլորը նախադրեալներու ամփոփումն է, որ ահաւասիկ այսքան ժամանակ Դաշնակցութիւնը արդիւնաւէտ` ո՛չ միայն ընտրական, այլ նաեւ քաղաքական համագործակցութեան յաջող ընթացք կ՛արձանագրէ նախագահ Աունի հետ: Նախագահը այսօր բնականաբար ընտրական գործընթացներուն միջամտող չէ: Իր պաշտօնին բերումով առնչակից չէ նաեւ ամբողջ ընտրական գործընթացին` քարոզարշաւային տրամաբանութեամբ:

Դաշնակցութիւնը ունի աւանդութիւնը օրինականութեան բարձրագոյն դիրքին եւ զայն ներկայացնող անձին հետ իր քաղաքական համագործակցութիւնը ծաւալելու եւ անոր լոյսին տակ կնքելու նաեւ իր ընտրական դաշինքները: Այս պարագային, յետադարձ շարժառիթներ առկայ են եւ կը վերաբերին մինչ նախագահ դառնալը զօրավար Աունի հետ մեր ունեցած ընտրական եւ քաղաքական արդիւնաւէտ գործակցութեան: Իսկ այս մէկը թէ՛ համալիբանանեան, թէ՛ համայնքային եւ թէ՛ համահայկական նախադրեալներու ամրագրած փաստերով:

«Ա.»

Լեւոն Շանթի Գեղարուեստական Գրականութիւնը Հասկնալու Եւ Բաղդատելու Փորձ Մը (6 Ապրիլ 1869, Պոլիս – 29 Նոյեմբեր 1951, Պէյրութ)

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Այսպէս եթէ մօտենանք Լեւոն Շանթի գրական-ստեղծագործական հոլովոյթին, Պոլիսէն Կովկաս, Եւրոպա, ապա` կրկին նոր դիմագիծ ստացող եւ եռացող Կովկաս, հուսկ` Միջին Արեւելք, եւ հարց տանք, թէ ի՞նչ եղած են նոյն մարդուն զգացական, իմացական, գաղափարական եւ ընկերաքաղաքական ըմբռնումները` որպէս հետեւանք ժամանակի եւ մշակութային-քաղաքակրթական շփումներու, մշակութային ազդեցութիւններու, ընտրանքներու:

Միշտ ի մտի պէտք է ունենալ, որ Պոլիսը, ուր ծնած էր եւ հոն իր առաջին կազմաւորումը ստացած էր Լեւոն Շանթ, Հայաստան չէր, ինչպէս Հայաստան չէր Թիֆլիսը, բայց` այդ քաղաքներուն մէջ սկիզբ առաւ հայ կրթական եւ մշակութային զարթօնքը` իր զոյգ թեւերով եւ տարբերութիւններով, նոյն հասարակաց ենթահողի վրայ, բայց` տարբեր միջավայրերու մէջ: Այդ ԺԹ. դարու երկրորդ կէսին էր: Այն օրերուն, կարծէք, արեւելահայութիւն եւ արեւմտահայութիւն նուազ անջատուած էին, իրարմէ հեռանալու եւ հեռացնելու ազդակները նուազ գործօն էին: Պոլիսէն եւ Արեւմտահայաստանէն Գէորգեան Ճեմարան կու գային ուսանելու, արեւելահայ ուսուցիչներ կ’երթային Արեւմտահայաստան եւ Պոլիս, Պոլիսէն դերասաններ կու գային Կովկաս: Լեզուական տարբերութիւնը այսօրուան պէս շեշտուած չէր` որպէս բառամթերք եւ շարահիւսութիւն, մասնաւորաբար` որպէս ուղղագրութիւն: Մեծ դերասանուհին Պոլիսէն Կովկաս կու գար:

Պոլիսը իր ընկերաքաղական կացութեան բերումով, գտնուելով Եւրոպայի դռներուն, ըլլալով նաեւ բազմազգ-կոզմոպոլիտ քաղաք, ուր կային քաղաքին իրաւ տէրերը` յոյները, կային նաեւ մեծ թիւով եւրոպացիներ, կաթողիկէ եւ բողոքական եկեղեցականներ: Գրականութիւնը, որոշ յապաղումով, մանաւանդ կը գտնուէր ֆրանսական վիպապաշտութեան եւ Մխիթարեաններու ազգային-պատմական վիպապաշտութեան ազդեցութեան ներքեւ: Բոլորին ծանօթ են շրջանի մեծ անունները, ինչպէս` Ալիշանի, Պետրոս Դուրեանի: Պոլիսը իր բնութեամբ, գեղեցկութիւններով, յիշատակներով, կը տրամադրէր վիպապաշտութեան: Արդէն, ինչպէս միշտ եւ ամէնուրեք, հայերէն սորվողը կը փորձուի բանաստեղծութիւն գրելու: Այդ ձեւով ալ հայ գրականութեան մէջ մուտք գործած է Լեւոն Շանթ: Օրինակ.

Ահա՜ ելաւ լուսինն արծաթ
մութ ամպերու ստուերէն,
ահա՜ նաւակն ալ գեղազարդ
մեր դրացի ժայռերէն:
Անո՜ւշ հովիկ,
փչէ՜ յուշիկ
ու բե՛ր ինծի
բիւր ժիր ալիք:

Քիչ մը երեւակայութեամբ մենք մեզ կը գտնենք Վոսփորի գեղատեսիլ ներշնչող մէկ անկիւնը: Հիմա ոչ ոք նման տողեր պիտի հրատարակէր` ո՛չ Պոլիս եւ ո՛չ այլուր:

Թէեւ բարձրանալու ցանկութիւնը, որ հետագային պիտի յատկանշէ Լեւոն Շանթի գործը, նոյն վիպապաշտ պարզութեամբ, կայ այդ շրջանի իր բանաստեղծութիւններուն մէջ, բայց քիչ մը չափազանցութիւն կ’ըլլայ, եթէ ըսենք, որ անոնք ձեւով մը սկզբնաւորումն են իր թատերական երկերուն առանցքը կազմելու կոչուած գերանցման վարարող գաղափարին: Կը գրէ, «Վեր» խորագիրին տակ.

Էհէ՜յ,  ես վեր թռչիլ կ’ուզեմ.
մաքուր է հոն, արձակ, ազատ.
հոն հովին դէմ ես կը վազեմ,
իբրեւ եղբայրն իր հարազատ.
ալեւորիկ լերան ցայտին
կ’ուզեմ թառիմ բազէէն վեր,
վերէն նայիմ ամպի կոյտին,
ուր կայծակներն են պահուըտէր:
Գիտեմ, վարէն այն վարանոտ
Խելօք մարդոց երամն ստուար`
«Ի՞նչ գործ ունի այդ խեւը հոդ»
պիտի ըսեն, նային իրար.
եւ թո՛ղ նային, հեգնեն ալ թո՛ղ
խելօք ծաղրովն իրենց անհամ.
Էհէ՜յ, միշտ վեր ես սրտադող
միշտ վե՜ր կ’ուզեմ, որ խոյանամ:

Այս եւ այլ բանաստեղծութիւններու մէջ Լեւոն Շանթ, իր ժամանակակիցներուն նման, անձնատուր կ’ըլլայ վիպապաշտ ապրումներու, առանձին եւ միակ ըլլալու հետեւանք` անհասկնալիութիւն կ’աղաղակէ, ինչպէս կ’ընէին ֆրանսացի վիպապաշտները, որոնց հետ բաղդատութիւնը պարզ է: Օրինակ, քառեակ մը` ԺԹ. դարու բանաստեղծ Ժերար տը Ներվալէն.

Ես խրթին եմ, այրին, անմխիթարը
Աքիթէնի իշխանը քանդուած աշտարակով,
Իմ միակ աստղս մեռած է, եւ վինս ճաճանչաւոր,
Կը կրէ սեւ արեւը մելամաղձութեան:

Je suis le ténébreux, le veuf, l’inconsolé,
Le prince d’Aquitaine à la tour abolie
Ma seule étoile est morte, et mon luth constellé
Porte le soleil noir de la Mélancolie.

Պէտք է նաեւ ըսել, որ Լեւոն Շանթի բանաստեղծութիւնները, արձագանգելով հանդերձ իր ժամանակի հոսանքին, մեծ նուաճումներ չեն: Անոնց մէջ կարելի է տեսնել ինքզինք եւ իր ուղին փնտռող գրագէտը: Նոյն ձեւով կրնանք գնահատել իր առաջին վէպերը, որոնք աւելի խտութիւն եւ հոգեկան նուաճում ունին` բաղդատած բանաստեղծութիւններուն: Ուշադրութեան արժանի է այն օրէն սկսեալ «իր հայերէնը» ստեղծելու փորձը, «կ’ուզեմ թառիմ», փոխան` «կ’ուզեմ թառիլ»-ի, որուն պիտի անդրադառնամ գրական լեզուի անխաթար պահպանման եւ ստեղծագործութեան յարաբերութեան պարագային, բաղդատուելով, օրինակ, ֆրանսական գրականութեան եւ թատրոնին:

Լեւոն Շանթի ստեղծագործական գրականութեան ուշագրաւ մասը կը կազմեն իր թատերական երկերը` իրենց նիւթով, բեմական կառուցումով, արուեստով, մարդկային հոգեվիճակներու եւ ցանկութիւններու տիպարային սրումով, բայց նաեւ` արդիականութեամբ, քանի որ մարդուն եւ ընկերութեան վերաբերող խնդիրները այժմէական են, ունին ընդհանրական բնոյթ, անոնց կը հանդիպինք անցեալի եւ ժամանակակից միջազգային գրականութեան մէջ` որպէս ընկերահոգեբանական կացութիւններ եւ մթնոլորտ, որոնք կ’առնչուին իշխանութեան, իշխանաւորին, զանոնք առաջնորդող գաղափարներուն եւ յարաբերութիւններուն: Առանց բացորոշ ըլլալու` անոնք կը յուշեն այն, որ ժամանակները յղի են նորի մը համար, որ դեռ յայտնի չէ: Բայց նաեւ կը վերադառնան ժամանակի շրջանակաձեւ թաւալման ընթացքին:

Յիշեցման համար թուենք Լեւոն Շանթի թատերական երկերը. «Եսի մարդը» ((1904), «Ուրիշի համար» (1906), «Ճամբուն վրայ» (1909), «Հին աստուածներ» (1909), «Կայսրը» (1916), «Շղթայուածը» (1918), «Ինկած բերդի իշխանուհին» (1921),  «Օշին Պայլ» (1932):

Առաջին երեք երկերը դեռ չունին այն մեծ թատերական կառուցումները, որոնք պիտի յատկանշեն յաջորդող գործերը: Անոնք պատմական ժամանակաշրջանի հայ կեանքը յուզող խնդիրներ կ’արծարծեն, երբ ծաւալած էր հայոց ազգային ազատագրական պայքարը, ընկերային արդարութեան վարդապետութիւններ տարածուած էին բոլոր երկիրներու մէջ: Այս երեք երկերը կը թատերականացնեն անոնց մուտքը հայկական ընկերութեան մէջ, անհատի եւ հաւաքականի շահագրգռութիւններու բախման մասին կը վկայեն: Յաջորդ հինգ երկերը, ճիշդ է, իրենց բովանդակութեամբ պատմական են, ունին անցեալը եւ հայ ընկերութիւնը որպէս խորքի պատկեր, թոյլ տալով, որ հեղինակը ազատօրէն խօսի ժամանակակից ընկերութիւնը եւ մարդը յուզող հարցերուն մասին, սակայն անոնք պատմութեան վերծանումը չեն, իրապէս ապրած եւ գործած անձերու կեանքին եւ գործին չեն վերաբերիր: Վիպագիրը կամ թատերագիրը պատմաբան չէ, ան ազատօրէն կը վերաբերի դէպքերուն, որոնք կը կրեն իր միտքերը: Անոնք խորհրդանիշներ են, որոնցմով եւ որոնց շուրջ կը հիւսուին հեղինակի գաղափարները, աշխարհընկալումները, իր ժամանակին մասին դատումները եւ կը բերեն իր անձնական կենսափորձի արձագանգը: Այսինքն թատրոնի հում նիւթի պատմական տուեալները պատմութիւն չեն, պաստառ են, որուն վրայ հեղինակը, ինչպէս գեղանկարիչը, բառով եւ խօսքով կը փռէ իր գիծերը եւ գոյները, կ’ընէ իր ընկերային եւ ընկերահոգեբանական վերլուծումները: Պէտք է նշել, որ այդ ժամանակաշրջանին մեծապէս կը զարգանային ընկերաբանական եւ հոգեբանական գիտութիւնները` ընկերաբանականին մէջ ներառնելով անոնց  յարաբերութիւնը տնտեսութեան հետ:

Առանց գրքունակ ըլլալու եւ մեծ հմտութիւն ցուցաբերելու, եթէ բեմի վրայ տեսած ըլլանք Հենրիկ Իպսենի «Սոլնես կառուցողը» թատրերգութիւնը, հրատարակուած` 1892-ին, եւ նոյն տարիներուն բեմականացուած եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ, Պերլին, Փարիզ, գաղափար մը կազմենք Լեւոն Շանթի ապրած ժամանակի գաղափարներու եռեւեփումին մասին: Անուններ, ինչպէս յիշեցի` Հենրիկ Իպսեն, բայց նաեւ` Ֆրետերիք Նիցչէ, Կնուտ Համսէն եւ ուրիշներ: Իպսենի հերոսը` Հալվարտ Սոլնես, կը մերժէ պարզապէս ճարտարապետ կոչուիլ, կը նկատէ, որ այդ բառը ընթացիկ է, եւ ինքզինք կը կոչէ կառուցող: Սերած ըլլալով հաւատացեալ ընտանիքէ մը` կառուցած է եկեղեցիներ, որոնց վրայ կը բարձրանար:

Բարձրացումը գերանցում է: Յիշել` Լեւոն Շանթի հերոսներու հոգիի «անհաս» բարձունքները: Ագուցուած պատումը եւ տռամը խռովիչ են: Սոլնեսի երազանքը խիստ յատկանշական է, կ’ուզէ նուաճել ամբողջական ազատութիւնը, ըլլալ ազատ Աստուծոյ պէս, բայց ինք Աստուած չէ եւ աշտարակէ մը կ’իյնայ ու կը մեռնի: Բաղդատել` «Հին աստուածներ»-ու Վանահօր եւ Աբեղային: Բացարձակի ձգտումը կարմիր թելն է Լեւոն Շանթի հերոսներուն, անոնք կոչուին` Գող Վասիլ, Օհան Գուրգէն, Հաննա, եւ նոյնիսկ` Թէոֆանօ, գինեպանի աղջիկ կայսրուհին:

Փակագիծ մը. գերանցումի այս ձգտումը իր արտայայտութիւնը գտած է նաեւ ֆրանսացի դասականներու եւ նորերու թատերական երկերուն մէջ: Քոռնէյի հերոսները այդպէս են, ընթացիկէն վեր, օրինակ` «Հորաս» երկին մէջ, երբ  հայր Հորասի իմաց կու տան, որ մարտի մէջ իր երկու որդիներու մահէն ետք երրորդին երեքի դէմ մարտէն փախուստը արդարացնողներուն կը պատասխանէ` «թող մեռնէր»: Անձնականի գերանցումի օրինակ մը: Կամ` յունական թատրոնէն ժառանգուած Ժան Անույի «Անթիկոն»-ը, երբ հերոսը մարդոց ընթացիկ օրէնքին կը հակադրէ աստուածային օրէնքը:

Սեպտեմբեր 2017, Երեւան

(Շար. 2)

Խորագիրներէն Անդին…Գեղանկարիչը` Իր Գոյներով Եւ Իր Ուրոյն Աշխարհով

$
0
0

ՎԱՀԱՆ ՎԱՀԱՆԵԱՆ

Ֆրանսացիները կ՛ըսեն. «Եթէ Փարիզը տեսաք եւ Գասիսը չտեսաք, բան մը չէք տեսած» (Ֆրանսայէն):

Կրնանք անվարան «Գասիսի գեղանկարիչը» կոչել Մայք Յակոբեանը, զինք հասկնալ փորձելով, իր նկարներուն խորագիրները ի մի հաւաքելով եւ անոնց գոյները կարդալով` միտիլ դէպի յաւերժութիւն:

Մայք Յակոբեան` մերօրեայ ինքնուրոյն նկարիչը, բնութեան բեմադրիչը եւ գոյներու աճպարարը: Այսպէս, Գասիս, մակոյկներ, զրոյց, Մարսէյի հին քաղաքը, գնդիկի խաղը (Pétanque boules): Տակաւին մեր հետաքրքրութիւնը չյագեցուցած, յանկարծ ան հսկայ ոստում մը կը կատարէ դէպի Լիբանան` անմիջապէս վերադառնալով հո՛ն, ուր կը հանդիպի մէկէ աւելի խաղընկերներու:

Մայք կը շարունակէ գոյներու աշխարհին մէջ իր ոստումները` աջ-ձախ ոստոստելով եւ բնութեան գիրկը կրկնակի հանգիստի պահեր ապրելով… Լիբանան` Մաամըլթէյն (ծովափ), Ժունիէ, խաղողի գինովութիւնը, կապոյտ նաւակը, Լա Ռոզ թաղամասը` Մարսէյի մէջ, Էքս-ան-Փրովանս, դարձեալ Գասիս, Մանարա` Լիբանան, Սան Կապրիէլ գետը` Լոս Անճելըս, Փասատինայի Քոլորատօ պողոտայի պատմական կամուրջը, Լիբանան` Նահըր Քելպ (Շունին գետը), Գասիս, Մարսէյ, լիբանանցիի դիտող աչքերը, հայրը, մայրը, Մարսէյի հին նաւամատոյցը, եղբայրը` Յովսէփը (ահաւասիկ, Յովսէ՛փ, անմահացա՛ր…), մէկէ աւելի Vieux Port-ի պատկերներ, Պէյրութ, Գասիս, Մարսէյ… (նշմարելի է, որ միայն խորագիրները այցելելով` Պէյրութ, Գասիս, Մարսէյ եռանկիւն մը ստեղծելով կը գոյանայ Մայք Յակոբեանի աշխարհը):

Վերադարձ` Գասիս, վերադարձ` Մարսէյ, վերադարձ` Լիբանան…

Յանկարծ` Սայաթ Նովա եւ իր քամանչան: Ծաղիկներ, ծաղիկներ… Մակոյկներ, ձկնորսներ, փողոցներ, տաճարներ («Նոթրը Տամ», «Գանըպիէր»), պտուղներ, միրգեր, բնանկարներ (նաթիւրմորթներ)…

Յանկարծ` Ցեղասպանութիւն, ոճրագործ օսմանցին, հայկական ողբերգութիւն, մտերիմ պահեր, յաւիտենական կիթառը, Մայք Յակոբեանի տպաւորիչ նկարները, արեւոտ Քալիֆորնիան, տունի ճամբան, խամաճիկներու խմբակը, լիբանանեան նուագախումբը, դարձեա՛լ ոճրագործ օսմանը, ջութակահար խամաճիկը, գաւառական երթուդարձը, ինքնանկար (Մայքը` իր վրձինով) եւ ծովեզերեայ անմահ պահերը, փորձութիւն` մեղք գործելու, անկարելի երազը, մտերիմ ընթերցում, փողահար խամաճիկը, վարդագոյն սենեակը, տիկին Ռէյնըլծ, հին ճամբան, տիկին Թորրես, ամառը Մարսէյի մէջ, բնութեան երգը, օձապտոյտ արահետը, կամուրջ դէպի արեւ, պարը, վարդագոյն կեանքը, բախտի անիւը, Մարսէյի պատմական թատրոնը, Քալիֆորնիան, ծովափ, տան արահետները, լիբանանեան անգութ պատերազմը, Լիբանանի սիրոյն, յաւերժական Լիբանան, գարունը, ճակատագիրի պարզ հարուած մը, երաժիշտը, մանուկի մը մահը, անուշ մեղեդին, վաղը ամէն ինչ պիտի լաւանայ, Լիբանանի ազգային քայլերգը, արմաւենիներու երկայնքին, կեանքի համանուագը, հայկական անկախութիւն, 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժը, պետեւի կինը` սուրճի գաւաթ կարդալով, գորգի վաճառականները, ո՜հ, ի՜նչ գեղեցիկ օր, անտունիները, լիբանանեան շուկան, լիբանանեան գիւղեր, մայրամուտը` պարտէզին մէջ, Ծնունդի Ճրագալոյցը, իսլամական թաղամաս, արեւելեան պազար, յաւերժական սէր, դրախտին մէջ, հրաւէր` պտոյտի, արեւելեան բաղնիք, արեւելեան ճանապարհ, հայկական պար, հինաւուրց թաղամաս, գիշերային խաւար, սիրահարներ, բարեկամութիւն, բաժանում, զրոյց, քարափի վրայ շրջագայութիւն, իղձը, իղձերը, միասին կը գոյատեւենք, թախիծ, պտոյտը` բնութեան մէջ, ճեմելու հրաւէր` Մարսէյի ծովափին վրայ, կախարդական լոյսը, արեւամուտը, կինը եւ իր գիրքը, Մարսէյի մէջ յետմիջօրէ, գոյներուն հետ խաղալով, իր երգերուն հետ ապշելով, յաւերժութիւն երազելով, գոյներու աշխարհ ստեղծելով, Մայք Յակոբեանի հետ պտոյտի ելլելով, երգելով, ճեմելով, վարդ քաղելով, գոյն բերելով, վազվռտելով ու հիացումէն մահանալով… դարձեա՛լ վերապրելով:

Վերապրելու համար յաւիտենականութիւն երազել եւ այդ վիճակին մէջ` անշարժանալ:

Եթէ ինծի հարց տրուէր, թէ ի՛նչ տեսայ Մայք Յակոբեանի ստեղծած բնութեան մէջ, պիտի ըսէի` տեսայ պայծառ արեւը, տեսայ գարունը իր վառ գոյներով: Իւրաքանչիւր պաստառի տրուած ինքնատիպ խորագիր մը արդէն իսկ կը ստեղծէ մեծագոյն տարր մը, որ հաւատարմօրէն կը ծառայէ արուեստի էութեան:

Պէտք է սպասել ցուցահանդէսին` աւելի մօտէն ըմբոշխնել կարենալու համար ինքնատիպ Մայք Յակոբեան մը, որ մեզի կու գայ քիչ մը ամէն շրջանակէ:

Մայք արուեստագէտը թէ՛ լիբանանցի է, թէ՛ ամերիկացի, թէ՛ ֆրանսացի եւ թէ՛ ափրիկեցի: Ե՛ւ` հայ:

Կ՛արժէ մօտէն ճանչնալ եւ ընկերանալ Մայքին հետ` վայելելու համար անոր զուտ մտերմական կայուն նկարագիրը:

Երանի՜ անոր, որ կրցած է թափանցել Յակոբեանի մտերմական աշխարհը ու անոր հետ վայելել արուեստի անվերջանալի պահեր: Սպասելով` առաջին եւ մեծ ցուցահանդէսին:

 

Ծանօթ.- Գասիսը Ֆրանսայի հայահոծ Մարսէյ քաղաքի հարաւը գտնուող ծովեզերեայ գոհար քաղաք մըն է: Ամէն անգամ, երբ Մայքին հանդիպիմ, հարց կու տանք իրարու` «Գասիս գացի՞ր», կամ` «Ե՞րբ պիտի երթաս Գասիս»:

Մայք Յակոբեան հրապարակ հանած է պերճաշուք հրատարակութիւն մը` իր նկարներու հաւաքածոյով: Ամբողջութեամբ գունաւոր, ընտիր թուղթի վրայ տպուած հոյակապ հրատարակութիւն մը (185 էջ, տպարան «Երեւան»): Ստանալու համար դիմել «Երեւան» տպարան` (818) 246-2070, «Ապրիլ» գրատուն` (818) 243-4112, «Սարդարապատ» գրատուն` (818) 500-0790, կամ գրատուն «Պերճ»` (818) 244-3830:

 

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Մարտ Դ. –Ձիթենիի Ճիւղը` Մինչեւ Ո՞ւր

$
0
0

Թուրքիա Սուրիայէն Իրաք կ՛երկարէ ձիթենիի իր արիւնոտ ճիւղը: Աֆրինէն ետք արաբական այլ տարածքներ ենթակայ կ՛ըլլան թրքական բռնագրաւումին եւ հրթիռակոծումին: Անգարա կը յառաջանայ` իր երկրին եւ քաղաքացիներուն ապահովութեան լոզունգները հնչեցնելով, միեւնոյն ատեն, սակայն, կոտորածի կ՛ենթարկէ քիւրտերը ողջ աշխարհին աչքին առջեւ: Այս իմաստով, Աֆրինի պատկերները կրնան կրկնուիլ նաեւ Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ, եւ  դէպքերու ընթացքին հետեւողը կը համոզուի, որ այս բոլորը կրնան իրականանալ առանց միջազգային կամ տարածաշրջանային լուրջ դատապարտումներու:

Այս թոհուբոհին մէջ, սակայն, կ՛անտեսուի՞ն տարածքներ գրաւելու եւ դրացի երկիրներու գերիշխանութիւնը ոտնակոխ ընելու Թուրքիոյ նկրտումները:

Վերջին շրջանին ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ յայտարարութիւններուն մէջ Թուրքիոյ քայլը արդարացնող արտայայտութիւններ կը հնչեն: Ուաշինկթըն մէկ կողմէ կը հաստատէ, որ Թուրքիա իր ռազմավարական գործընկերն է, միւս կողմէ` համաձայն չի գտնուիր Սուրիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի միջամտութիւնը պահանջող Թուրքիոյ առաջարկին, միեւնոյն ատեն, սակայն, արգելք չի հանդիսանար Աֆրինի մէջ «Ձիթենիի ճիւղ» կոչուած գործողութեան: Փենթակոնի մամլոյ խօսնակին համաձայն, ԱՄՆ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նաեւ թրքական ուժերուն հետ Սուրիոյ մէջ բախում չունենալու համար:

Այս մօտեցումները մտածել կու տան, որ թրքական «Ձիթենիի ճիւղ»-ին դէպի Իրաք երկարիլը կը ծառայէ նաեւ ԱՄՆ-ի նպատակին` Պաղտատը, Դամասկոսը, Թեհրանը եւ Պէյրութը միացնող կապը խզելու: ԱՄՆ կրնայ աչք գոցել Թուրքիոյ այս թափանցումներուն ի տես` միայն իր շահերուն ծառայեցնելով զանոնք եւ ըստ կարելւոյն տկարացնելով Ռուսիոյ ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Միւս կողմէ` տարածաշրջանի երկիրները բնականաբար հաշտ աչքով պիտի չդիտեն շրջանին մէջ անկախութեան ձգտող որեւէ շարժում, ուստի դատապարտելով մէկտեղ Թուրքիոյ յառաջխաղացքը` իրենց երկիրներուն տարածքային ամբողջականութիւնը առաջնահերթութիւն պիտի համարեն, բնականաբար:

Ղութայի ազատագրումն ու սուրիական բանակին դէպի Իտլիպ ուղղուիլը երկրի տարածքին քայլ առ քայլ ազատագրումին կը ծառայեն: Սուրիա միեւնոյն ատեն կը դատապարտէ թրքական ներխուժումը, որովհետեւ քաջ գիտէ, որ Թուրքիա անվստահելի է եւ սուրիական տարածքներ գրաւելու նկրտումներ ունեցած է մշտապէս:

Այլ հարթակի վրայ, ռուսական ներկայութիւնը կը կաշկանդէ Թուրքիոյ նկրտումները: Ռուսիա Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանն է տագնապի առաջին իսկ օրէն, ինչ որ անհաւանական կը դարձնէ Սուրիոյ մէջ տարածուելու Թուրքիոյ ձգտումներուն իրականացումը: Թուրքիա չէզոքացնել փորձելով քրտական գործօնը` Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ ժողովրդագրական փոփոխութիւններ յառաջացնելու, քրտաբնակ շրջաններուն մէջ իր սահմանին բնակութիւն հաստատած սուրիացի փախստականներ տեղադրելու փորձերուն կրնայ դիմել առաւելագոյն պարագային:

Այսուհանդերձ, Թուրքիա կը շարունակէ մնալ անվստահելի դերակատար` սուրիական տագնապի լուծման տարբեր փուլերուն:

Viewing all 12092 articles
Browse latest View live