Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամօթի «Ճանապարհային Քարտէս»-ը Պատմութեան Անցած Է

$
0
0

Մարտ 1-ը հայոց արդի պատմութեան մէջ կը յիշուի ճիշդ 10 տարի առաջ տեղի ունեցած խռովութիւններով, որոնք կայծակնային ձեւով տարածուեցան Երեւանի մէջ` պատճառ դառնալով ցոյցի, կողոպուտի, եղբայրասպանութեան: Աշխարհը այս անիշխանական մթնոլորտին ականատես կ՛ըլլար: Ցայսօր կարելի չէ եղած հետապնդել եւ դատի կանչել այս դէպքերուն ետին կանգնող անձնաւորութիւններն ու յանցապարտները:

«Մարտ մէկ»-եան այս տխրահռչակ օրերու տասնամեակին միացաւ այլ պատմական եղելութիւն մը: Արդարեւ, 1 մարտ 2018-ին Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ  կայացած Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնապէս չեղեալ նկատեց հայ-թուրք արձանագրութիւնները, որոնք ստորագրուած էին 10 հոկտեմբեր 2009-ին` հետեւելով նոյն տարուան ապրիլին հրապարակուած «ճանապարհային քարտէս»-ին:

Այսպէս, ինը տարի շարունակ «օդէն կախուած»-ի բնոյթ ունենալէ ետք, այդ արձանագրութիւնները ի վերջոյ ջնջուեցան:

Օրին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ամէն գնով կը փորձէր այս անկարելին յաջողցնել ու… կարելի դարձնել: Սակայն, ստորագրութեան արարողութենէն առաջ իսկ, Ցիւրիխի մէջ թրքական եւ հայկական պատուիրակութեանց միջեւ յայտարարութիւններու շուրջ ծագած բանավէճերը, ինչպէս նաեւ արձանագրութիւններու ստորագրութենէն օր մը ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի կատարած յայտարարութիւնները եկած էին փաստելու, որ աշխատանքը հեզասահ ձեւով չէր ընթանար, եւ այս ճանապարհային քարտէսը ո՛չ թէ խորտուբորտ տարածք մը ցոյց կու տար, այլ, պարզ ու մեկին, ճանապարհ հասկացողութիւնը գոյութիւն չունէր:

Նշենք, որ այդ օրերուն Թուրքիոյ սուլթանամէտ նախագահ Էրտողանը վարչապետի պաշտօնը կը վարէր եւ ստորագրութեան օրերուն, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ամենայն յոխորտանքով յայտարարած էր, որ Ազրպէյճանի ուրախութիւնը Թուրքիոյ ուրախութիւնն է, իսկ Ազրպէյճանի վիշտը` Թուրքիոյ վիշտը… եւ թէ` կարելի չէ վաւերացնել ստորագրուած արձանագրութիւնները, այնքան ատեն որ Ազրպէյճանի գրաւուած հողամասերը չեն պարպուած ու վերադարձուած:

Այսպէս, անցեալ անկատարներու շարքին անցաւ թրքական խորամանկ մօտեցումը, որ արձանագրութիւններուն ստեղծած քաոսային մթնոլորտին միջոցով, այլ փոս մը կը փորէր` փորձելով անջատել հայրենիքն ու սփիւռքը:

Անցեալ անկատարներու շարքին անցաւ հրոյ ճարակ դառնալու թեկնածու «ստորին ստորագրութիւններ»-ու թղթածրար մը, որուն մէջ նոյնիսկ  ամենադոյզն հաստատումը չկար, թէ առանց դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ Հայաստանի ապաշրջափակման` արձանագրութիւններով նշուած մնացեալ պարտաւորութիւնները պարզապէս գործադրելի չէին կրնար ըլլալ:

1 մարտ 2019… Վերջնական ո՛չ` բազմաթիւ հարցադրումներու դուռ բացող մշուշապատ հայ-թրքական «ճանապարհային քարտէս»-ին:

 


Իրաք Ներխուժումէն Տասնհինգ Տարի Ետք

$
0
0

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Մարտ 2018-ին ճիշդ տասնհինգ տարի անցած պիտի ըլլայ այն թուականէն, երբ Միացեալ Նահանգներն ու իր դաշնակից երկիրները, գլխաւորութեամբ` Անգլիոյ, ներխուժեցին Իրաք: Միացեալ Նահանգներու եւ Անգլիոյ զինուած ուժերը Իրաք ներխուժող ուժերուն 98 տոկոսը կը կազմէին: Օրին երկրի մենատէր եւ բռնակալ նախագահ Սատտամ Հիւսէյն անոնց գլխաւոր թիրախն էր: Իրաք գրաւելու նպատակներն էին, ըստ ներխուժող ուժերուն, կործանել Սատտամի ունեցած զանգուածային ոչնչացման զէնքերը (MDW), փրկել երկրի ժողովուրդը եւ ի մասնաւորի` ճնշուած շիիներն ու հալածուած քիւրտերը, երկրին մէջ ժողովրդավարական պետութիւն ստեղծել, վերջ տալ Սատտամի աջակցութեան` ահաբեկիչներուն, եւ դադրեցնել անոր սպառնալիքները` իր դրացիներուն:

Սատտամ կախաղան բարձրացաւ, Իրաքի բանակը կազմալուծուեցաւ եւ իշխող «Պաաս» կուակցութիւնը քայքայուեցաւ: Ո՛չ կորիզային, ո՛չ ալ քիմիական զէնք (MDW) յայտնաբերուեցաւ այնտեղ, որովհետեւ Սատտամի այդ առումով մշակած ծրագիրներէն ա՛յն, ինչ ժամանակին Իրաք ձեռք ձգած էր, արդէն ոչնչացուած էր ՄԱԿ-ի քննիչներուն կողմէ, Քուէյթի պատերազմէն ետք: Արդարեւ, երբ Իրաք պարտուած դուրս եկաւ Քուէյթէն` 1991-ին, ան ենթարկուեցաւ շրջափակումի եւ ՄԱԿ-ի պատժամիջոցներուն, որոնց լոյսին տակ ՄԱԿ-ի քննիչները սկսան երկրի թաքուն զէնքերը խուզարկելու. անոնք ամէն տեղ պրպտեցին, նոյնիսկ` Սատտամի պալատները, կործանելով եւ ոչնչացնելով այն ամէնը, ինչ որ ինկաւ իրենց ձեռքը: Այդ խումբերը, խորքին մէջ, եկած էին երկրին ձեռք ձգած ճարտարարուեստի զարգացման վերջ տալու: Այդ ճարտարարուեստական ծրագիրները եւ սարքաւորումները ներածուած էին արեւմտեան երկիրներէ, ինչպէս` Գերմանիա, Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Միացեալ Նահանգներ, իսկ փոքր մաս մըն ալ` Ռուսիայէն եւ Չինաստանէն:

Իսկ ինչ կը վերաբերի ժողովրդավարական պետութեան ստեղծման, ապա ակնյայտ է, որ երկիրը տասնհինգ տարիներ ետք տակաւին անկայուն եւ անհանգիստ վիճակի մէջ կը գտնուի, իսկ երկրին ենթակառուցուածքը ահռելի վիճակ կը պարզէ. պետական բարձր պաշտօնեաներ, նախարարներ ու քաղաքագէտներ կրօնի փէշերէն կախուած են իրենց դիրքերը պահպանելու համար, իսկ կրօնամոլութիւնը արդէն իսկ սովորական երեւոյթ դարձած է երկրին մէջ: Իրաքի քարիւղի եկամուտները կը կողոպտուին, իսկ սակաւապետները օգտուելով երկրին տկար վիճակէն` հարստութիւն կը դիզեն. աւելի քան հինգ միլիոն իրաքցիներ երկրէն դուրս կը գտնուին, իսկ Իրաքը աշխարհի փտած երկիրներու ցանկին մէջ առաջիններէն է: Յստակ է, որ Միացեալ Նահանգներ անդամալոյծ ըրին Իրաքը. ներկայիս Իրաք ոչ միայն կարողութիւնը չունի որեւէ դրացի երկրի սպառնալիք կարդալու, այլեւ ինք ուրիշներուն աջակցութեան կարիքն ունի:

1980-ին Իրաքի եւ Իրանի միջեւ ծագած պատերազմը տեւեց ութ երկար տարիներ եւ անոր վերջ դրուեցաւ 8 օգոստոս 1988-ին, երբ վերջապէս Իրանի յեղափոխութեան առաջնորդ Խումէյնին համոզուեցաւ, որ անկարելի է պատերազմը շարունակել այլեւս` ընդունելով զինադադարը: Սատտամ Հիւսէյն իր կարգին եւս այդ զինադադարին սուր կարիքը ունէր, որովհետեւ իր ուժն ալ արդէն սպառած էր: Իրաք այդ պատերազմին մէկ միլիոն երիտասարդ զոհ տուած էր, իսկ երկիրը միլիառներով պարտքի տակ ինկած էր: Պատերազմի ընթացքին Սատտամ օգնութիւն ստացաւ արտերկրէն, ի մասնաւորի` Միացեալ Նահանգներէն, եւ չպարտուեցաւ… Պատերազմի շրջանին նոյնիսկ Տանըլտ Ռամսֆիլտ (օրին` Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը) Պաղտատ այցելեց` տեսակցութիւն ունենալով Սատտամի հետ: Ի հարկէ ամէն ինչ իր գինը ունէր… Կը թուի, թէ Սատտամ ուզած էր խուսափիլ իր խոստումներէն: Ըստ Ուաֆիք Սամարայիի (օրին` Իրաքի Ընդհանուր ռազմական հետախուզութեան տնօրէնը) լոյս տեսած յուշերուն, զինադադարէն ետք Սատտամ հրահանգ տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու գաղտնի բոլոր սպասարկութեան գրասենեակները, որոնք օրին «կայաններ» կը կոչուէին, անմիջապէս փակուին, եւ ամերիկացի խորհրդատուները երկրէն մեկնին. մինչ ինք` Սամարային, կ՛ակնկալէր, որ Սատտամ Միացեալ Նահանգներուն մենաշնորհներ պարգեւէր` իրեն մատուցուած խորհուրդներուն եւ ծառայութիւններուն համար:

Արեւմտեան մեծ պետութիւններուն եւ ի մասնաւորի Միացեալ Նահանգներուն համար Սատտամ պէտք էր զինաթափ ըլլար. ան այլեւս վստահելի անձ մը չէր իրենց համար: Ուստի, երբ «Ռումելա» կոչուած քարիւղի հանքին շուրջ Քուէյթին հետ Իրաքի ունեցած վէճը բարդացաւ 1990-ի կիսուն, այդ մէկը լաւ առիթ եղաւ նշեալ պետութիւններուն համար: Երբ Սատտամ խնդիրը քննարկեց Էփրըլ Կլասփիի հետ (Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, 1988-1990), Կլասփին, ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի 23 սեպտեմբեր 1990-ի թիւին, Միացեալ Նահանգներուն կեցուածքը պարզած է` ըսելով. «Մենք կարծիքներ չունինք արաբներու միջեւ հակամարտութիւններուն մասին, եւ այդ խնդիրը Ամերիկայի հետ կապ չունի: Յոյսով ենք, որ դուք կը յաջողիք այդ խնդիրը որեւէ յարմար կերպով լուծել Կլէյփիի (Արաբական լիկայի գլխաւոր քարտուղար Շատլի Կլէյփի) կամ Մուպարաքի (Եգիպտոսի նախկին նախագահը) միջոցով»: Հետագային դեսպանը մեղադրուեցաւ 1990-ի օգոստոս 2-ին Իրաքի կողմէ Քուէյթ ներխուժումին խիստ հաւանութիւն տալուն համար: Կը թուի, թէ Սատտամ սխալ հասկցած էր դեսպանին ըսածը, կամ այս վերջինը յաջողած էր զայն մոլորեցնել. արդեօք Կլասփի իրօ՞ք չէր կրցած իր երկրին պատգամը յստակ կերպով պարզել Սատտամին, թէ՞ նպատակը միայն զայն մոլորեցնել էր, ճիշդ այնպէս, ինչպէս եղաւ:

«Ռումելա» քարիւղի հանքը կը գտնուի Իրաք-Քուէյթ սահմանին վրայ, մեծամասնութեամբ` Իրաքի մէջ. Իրաքի մասը նաեւ աւելի խորունկ է. երբ Քուէյթ իր հողամասին մէջ գտնուող քարիւղը արտահանեց, ան արտադրութեան համար աւելի արդիական սարքաւորումներ ձեռք ձգեց եւ քարիւղ խլեց նաեւ իր սահմանէն դուրս` Իրաքի տարածքի բաժինէն: Թարեք Ազիզ (Իրաքի փոխվարչապետ` 1979-2003, ապա արտաքին գործոց նախարար` 1983-1991) օրին պատկերասփիւռով պարզեց այն, ինչ տեղի կ՛ունենար, քարտէսներու եւ այլ փաստաթուղթերու օգնութեամբ: Լուրը արդէն իսկ հասած էր Իրաք: Սակայն` ինչպէ՞ս… Շշուկներ կային այն մասին, թէ նոյն կողմը, որ այդ արհեստագիտական սարքաւորումները վաճառած էր Քուէյթին, ան նաեւ տեղեակ պահած էր Իրաքը: Իմանալով պատահածը, Սատտամ անմիջապէս սպառնաց` ըսելով, որ` «Քուէյթ մեր ժողովուրդին պատառը կը գողնայ», եւ այդպիսով խնդիրը բարդացաւ ու Սատտամ ինկաւ ծուղակը… Իրաք պարտուած դուրս եկաւ Քուէյթէն. երկիրը քար ու քանդ եղաւ, հսկայ գումարներով նոր պարտքերու տակ ինկաւ եւ շրջափակումի ու պատիժներու ենթարկուեցաւ:

Փետրուար 2018-ին, նոյն ինքն Քուէյթի մէջ տեղի ունեցաւ Համաշխարհային նուիրատուներու խորհրդաժողովը (International Donor Conference)          նպատակ ունենալով Իրաքին օժանդակել… Ի՜նչ խայտառակութիւն: Քսանէ աւելի արաբական եւ օտար երկիրներ, դրամատուներ, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութիւնը մասնակցեցան այդ խորհրդաժողովին: Անոնք որոշեցին 1.466 միլիառ տոլար յատկացում կատարել Իրաքին, նաեւ 6.930 միլիառ տոլար` ոչ իշխանական փոխատուութիւն եւ 16.510 միլիառ տոլար` իշխանական փոխատուութիւն, այսինքն` պետական պարտք:

Ըստ իրաքցի տնտեսագէտներու, այս յատկացումները ամենավատ փոխատուութիւններէն են երկրին համար, քանի որ անոնք կը շղթայեն երկրին տնտեսութիւնն ու հարստութիւնը` պարտքերուն մարումը ուշացնելու պարագային: Անոնց տեսակէտով, Իրաքի ներկայ Ընդհանուր ներքին արտադրանքը (GDP) 81 միլիառ տոլարէն աւելի կը կազմէ, եւ երկիրը կարիքը չունի այդ փոխատուութեան, եթէ եկամուտը ծախսուի թափանցիկ կերպով` առանց կողոպուտի:

Անտարակոյս, Սատտամ Հիւսէյն մենատէր եւ բռնակալ նախագահ մըն էր: Ի միջի այլոց, հոս պէտք է յիշել նաեւ, որ ան երկրի հայ քաղաքացիներուն հանդէպ միշտ լաւ վերաբերում ունեցած է, որովհետեւ հայերը երբեք քաղաքական ձգտումներ չեն ունեցած, եւ ըլլալով վստահելի տարրեր` Սատտամի անձնական նկարիչէն մինչեւ իսկ իր թոռներու խնամակալները հայեր եղած են: Այնուամենայնիւ, Սատտամ շատ բիրտ եւ անխնայ էր իր հակառակորդներուն հետ, ըլլան անոնք կուսակցական թէ քիւրտ ազգայնականներ, կամ ընդդիմադիր շիիներ: Շատեր անոր իշխանութեան անկումը կ՛երազէին, եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ, այդ երազը իրականացա՛ւ: Իսկ այսօր Իրաք կը գտնուի տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական ճգնաժամի մէջ. հակամարտութիւններ կան սիւննիներու, շիիներու եւ քիւրտերու միջեւ. հինգ միլիոն իրաքցիներ լքած են երկիրը` անոնց մէջ ըլլալով նաեւ մեծ թիւով քրիստոնեաներ: Փաստօրէն Իրաք դարձած է ձախողա՛ծ պետութիւն մը եւ գլխաւոր պատճառներէն մէկը` այդ տարածքին մէջ «Իսլամական պետութիւն-ՏԱԵՇ»-ի ծնունդին: Մէկ խօսքով, այժմ մնայուն կասկած կայ այդ շրջանին մէջ նոր «Սայքս-Փիքօ»-ի համաձայնութեան մը կնքումին:

Այժմ ակնյայտ է, որ այդ բոլոր անցուդարձերուն նպատակը շրջանին մէջ Իրաքը չէզոքացնել էր, երկիրը քայքայել, իբրեւ կարող եւ ազդեցիկ ուժ` զայն անդամալուծել, անոր ընդերքի հարստութիւններուն եւ ի մասնաւորի քարիւղին տիրանալ… Իսկ մեծ երազներով բռնակալի մը յայտնութիւնը այդ երկրին մէջ հոյակապ առիթ հանդիսացաւ, որ ԱՆՈՆՔ օգտագործեն:

hampomg@yahoo.com

Լոս Անճելըս

 

Հակահայ Ջղագարութիւնն Ազրպէյճանում

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Այս հիւանդագին երեւոյթը նոր չէ Ազրպէյճանում եւ, փաստօրէն, քրոնիկական ախտանիշ է դարձած բախտի քմահաճոյքով մեզ հարեւան դարձած այդ երկրի ողջ հանրութեան, կարելի է ասել, բոլոր խաւերի համար: Սկսած շարքային քաղաքացիներից մինչեւ «հասարակական-քաղաքական ընտրանին»` իշխանութիւններ, կուսակցութիւններ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ:  Էական չէ` դիմութի՞ւն են, թէ՞ ընդդիմութիւն: Կառուցողակա՞ն են, թէ՞ արմատական` իրենց որդեգրած սկզբունքներում: Այն աւելի քան 30-ամեայ պատմութիւն ունի, եթէ այդ հաշուարկը կատարենք սոսկ ղարաբաղեան շարժման ծաւալման շրջանից` 1988-ի սկզբներից, երբ արցախահայութիւնը, 20-րդ դարում այդ էլ որերորդ անգամ, բողոքի ու պահանջատիրութեան իր ձայնը բարձրացրեց յանուն իր ոտնահարուած իրաւունքների վերականգնման ու Մայր հայրենիքի` Հայաստանի  հետ վերամիաւորման:

Թէկուզ հայատեացութեան գաղափարախօսութիւնն Ազրպէյճանում տեղատուութիւն չի ապրել երբեք, ինչպէս 20-ական թուականներից առաջ` Ազրպէյճանական դեմոկրատական հանրապետութիւն կոչեցեալ արհեստածին կազմաւորման շուրջ 15-ամսեայ գոյութեան օրօք, նոյնպէս եւ խորհրդային իշխանութեան եօթ տասնամեակի ընթացքում: Հայ ժողովուրդը` որպէս իր բնաշխարհում պատմականօրէն ձեւաւորուած ու կայացած ազգային հաւաքականութիւն, Ազրպէյճանում, ինչպէս որ Թուրքիայում է, մշտապէս ընկալուել եւ ընկալւում է իբրեւ թշնամական տարր, գլխաւոր խոչընդոտ` «Մեծն Թուրանի» ստեղծման արկածախնդիր ճանապարհին եւ, որպէս այդպիսին, ոչնչացման ու վերացման քաղաքականութեան թիրախ:

Հակահայ այդ քաղաքականութեան դրսեւորումներն անցած հարիւրամեակում բազմաթիւ են: Թուարկենք միայն իրողութեան ծաւալային առումով խոշոր ընդգրկումները. դարասկզբին Հայոց ցեղասպանութիւն Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանում, Օսմանեան Թուրքիայի ամբողջ տարածքում, նախկին ցարական կայսրութեան Պաքուի եւ Ելիզավետպոլի նահանգներում, Պաքուի եւ Շուշիի հայկական ջարդերը, դարավերջին` «սումկայիթ», «պաքու», «կիրովապատ», արցախայութեան դէմ ուղղուած պատժիչ գործողութիւնների մի ամբողջ շարան, այդ թւում` ցեղային զտման  նպատակով իրականացուած «Օղակ» ռազմագործողութիւն, նորահռչակ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած շուրջ եռամեայ պատերազմ, որի ընթացքում երկրի ամենախոշոր գիւղական բնակավայրերից մէկի` Մարաղայի խաղաղ բնակիչների սպանդ: Եւ այլն,  եւ այլն: Ընդ որում, եթէ 1988-90 թուականների արիւնալի հաշուեյարդարները կատարուել են գազազած խառնամբոխի` Խորհրդային Ազրպէյճանի իշխանութիւնների կողմից պետականօրէն համակարգուած ու կազմակերպուած գործողութիւնների միջոցով, ապա նորանկախ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան օրօք դրանց իրականացման գլխաւոր գործիքը կանոնաւոր բանակային զօրամասերն էին, որոնց գիշատչական վերաբերմունքը խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ նոյնական էր այդ բանակը ծնած ու սնած ազրպէյճանական ջարդարար ամբոխի պահուածքի հետ: Ինչպէս ասում են` պտուղը ծառից հեռու չի ընկնում: Ինչպիսին այդ երկրի հասարակութիւնն ու իշխող վերնախաւն են, նոյնպիսին էլ նրանց զինուած ուժերն են` քաղաքակրթութեան ու բարոյականութեան համամարդկային արժէքներից բացարձակապէս զուրկ, հոգեպէս ունայն, արիւնռուշտ, հայ ժողովրդի նկատմամբ ոխերիմ թշնամանքով մինչեւ ուղն ու ծուծը ներծծուած:

Այլ կերպ դժուար է բնութագրել հանրային-քաղաքական այն մթնոլորտը, որ ահա տասնամեակներ ի վեր տիրում է ներկայիս Ազրպէյճանում: Լինի դա իրար յաջորդած կոմկուսական առաջնորդներ Քեամրան Պաղիրովի եւ Ապտուռահման Վէզիրովի, թէ պետական անկախութեան շրջանի նախագահներ Այազ Մութալիպովի, Ապուլֆազ Էլչիպէյի, Հայտար Ալիեւի եւ, առանձնապէս, վերջինիս որդու` Իլհամ Ալիեւի կառավարման օրօք: Բանն այն է, որ հայութեան նկատմամբ այդ թշնամանքը, կենսաբանական ծագում ունենալով ազրպէյճանական հանրութեան մէջ, եղել ու մնում է ազգային-պետական գաղափարախօսութեան  անկիւնաքարը, որից բխում ու որի հիմքով կառուցւում է այդ երկրի ողջ պետական քաղաքականութիւնը: Այլապէս, ողջամտութեան առկայութեան պարագայում, հազիւ թէ պետութեան ղեկավարը հրապարակաւ ազգային թշնամի յայտարարէր հարեւանութեամբ իր պատմական բնօրրանում` Հայաստանում եւ Արցախում  անկախ պետականութիւն կերտող եւ իր բարօր ներկան ու ապագան  արարող մի ամբողջ ազգային հանրութեան` հայ ժողովրդին եւ, ընդհանուր առմամբ, համայն հայութեանը: Այլապէս,  եթէ օժտուած լինէր պետութեան առաջին դէմքին սովորաբար վայել ողջախոհ դատելու ունակութեամբ, ապա հազիւ թէ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը, Զանգեզուրն ու Սեւանի աւազանը յայտարարէր Ազրպէյճանի պատմական տարածքներ` յոխորտալով դրանք վերադարձնելու պետական քաղաքականութեան մասին:

Ի դէպ, Իլհամ Ալիեւի այդ ցնորական նկրտումներին բացասաբար են անդրադարձել շատերը` աշխարհի տարբեր երկրների պետական կառավարման մարմիններ, միջազգային կառոյցներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ: Այդ արձագանգներից, որպէս առաւել յատկանշական, կ՛ուզէի առանձնացնել մէկը: Խօսքս վերաբերում է ռուսաստանցի յայտնի հրապարակախօս եւ հասարակական գործիչ Ալեքսանտր Նեւզորովի բնորոշմանը, որ այդ յայտարարութեան կապակցութեամբ վերջերս նա տուել է Ազրպէյճանի ղեկավարին` «Էխօ Մոսկուի» («Մոսկուայի արձագանգ».- խմբ.) ռատիոյի «Նեւզօրովեան չորեքշաբթի» հաղորդման ժամանակ: Խորհրդածելով այն մասին, թէ` «պատմութիւնը հումք է, որից կարելի է պատրաստել ինչ ուզենաս», այդ պարունակում, որպէս օրինակ, նա բերել է մերօրեայ Ազրպէյճանը, ասելով, որ Երեւանի մասին իր այդ զրոյցներով Ալիեւը «վտանգաւոր խելագարի» տպաւորութիւն է թողնում: Նշելով, որ թէկուզ հարեւան երկրների նախագահների առումով Ռուսաստանի բախտն այնքան էլ չի բերում, այնուամենայնիւ, ասել է Նեւզօրովը (մէջբերում եմ). «Ես խորհուրդ կը տայի ոչ միայն ածելի չտալ այդ վտանգաւոր խելագարին, այլեւ անգամ  մէկ սանտիմետրից ոչ մեծ մեխ, իսկ աւելի լաւ կը լինէր դրանք փոխարինել ատամմաքրիչներով»:

Շարունակեմ խօսքս: Եթէ այդ հանրապետութիւնում` Ազրպէյճանում, մտահոգուած լինեն համամարդկային արժէքների հիմքով սեփական առողջ հանրութեան  կառուցման խնդրով, ապա, մանկապարտէզից սկսած մինչեւ բուհական հաստատութիւնը ներառեալ, հայատեացութիւն ու թշնամանք չէին ներարկի մատաղ ու երիտասարդ սերունդների մէջ: Այդ գաղափարի շուրջ վերջերս մոսկովեան «Ռոսիա-24» հեռուստաալիքի պաստառից, անհասցէ խորհրդածում էր Ազրպէյճանի ժողովրդական գրող, ռուսագիր Չինկիզ Ալեքպերովը` ակնարկ անգամ չանելով, որ այդ յոռի երեւոյթը յատկանշական է հէնց իր երկրի կրթադաստիարակչական համակարգին:

Որպէս երեւոյթի` եւս մէկ վկայութիւն, ահաւասիկ, համացանցի Դիմատետրում տարածուած տեսերիզն է այն մասին, թէ Պաքւում ի՛նչ արժէքներով ու ոգով են դաստիարակում նախակրթարանի սաներին: Դաստիարակչուհու հարցին, թէ «Ովքե՞ր են ազրպէյճանական ժողովրդի եւ Ազրպէյճանի թշնամիները», փոքրիկները միաբերան պատասխանում են` «Հայերը»: Տրւում է երկրորդ հարցը` «Ինչու՞»: «Որովհետեւ հայերը գրաւել են Ազրպէյճանի հողերը եւ սպաննել են մեր զինուորներին», պատասխանում  են միամիտ երեխաները: Սա ազգային թշնամանքի սերմանման դեռ նախակրթական մակարդակն է` առայժմ մակերեսային մատուցմամբ: Բայց այդ փոքրիկներին վաղը դպրոցում եւ ապա բուհական հաստատութիւններում պիտի շարունակեն դաստիարակել եւ ուսուցանել նոյն այդ ոգով` բնականաբար նրանց զինելով ազգային թշնամանքի աւելի խորը, այսպէս ասած, արմատական, հիմնաւոր  գիտելիքներով ու զգացումներով, պարտադրելով սերտել ազրպէյճանական վայ-գիտնականների թխած դասագրքերն ու, որպէս յաւելեալ գրականութիւն, «պատմագիտական աշխատութիւնները», որոնց մէջ սեւով սպիտակի վրայ գրուած է, որ ազրպէյճանական ժողովուրդը հնագոյնն է եւ քաղաքակրթութեան նախակարապետը հարաւկովկասեան տարածաշրջանում` Նուհի (Նոյի.-խմբ.)  անյիշելի ժամանակներից սկսած, իսկ Ազրպէյճանի պատմական հողերը փռուած են Խազարից (Կասպից ծով.-խմբ.) մինչեւ Սեւ ծով, Դերբենդից (լեզգիական քաղաք` Տաղստանի հարաւում.-խմբ.) մինչեւ Թաւրիզ ու Պարսից ծոց: Ինչ վերաբերում է տարածաշրջանի այլ ժողովուրդներին, ապա նրանք եկուորներ են: Առանձնապէս` հայերը, որոնց ռուս դեսպան Ալեքսանտր Կրիպոյետովն է 1828թ.` ռուս-պարսկական պատերազմի աւարտից յետոյ, բերել ու վերաբնակեցրել ազրպէյճանական հիւրընկալ հողում: Բայց հայ վերաբնակներն այն աստիճան երախտամոռ են, որ հաստատուելով այդտեղ` կարճ ժամանակ անց իսպառ մոռացութեան են մատնել հիւրընկալ ազրպէյճանական ժողովրդի բարեացակամ, սիրալիր  վերաբերմունքը, թշնամաբար տիրացել նրա տարածքներին ու մշակութային արժէքներին:

Մի խօսքով, ահա այդ եւ նման կարգի, մեղմ ասած,  «պատմագիտական զառանցանքով» է կրթւում, դաստիարակւում ազրպէյճանական երիտասարդութեան մի քանի սերունդ, ինչի անխուսափելի հետեւանքներից են Պուտափեշտում մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի կողմից իր համադասարանցի հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի կացնահարումը գիշերուայ կէսին` վերջինիս քնած ժամանակ, 2016-ի ապրիլեան պատերազմի օրերին Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զոհուած զինծառայողներից 19-ի մարմինների խոշտանգումները, ազգութեամբ եզտի շարքային, 19-ամեայ Քեարամ Սլոյեանի, վարորդ Հրանտ Ղարիբեանի եւ  31-ամեայ հազարապետ Հայկ Թորոյեանի գլխատումները, ընդ որում` վերջինիս պարագայում` դեռ նրա կենդանութեան օրօք:

Առհասարակ, Ազրպէյճանում հայատեացութեան մթնոլորտը յատկանշական է հանրային կեանքի բոլոր ոլորտներում` սկսած խորհրդարանական բանավէճերից մինչեւ քաղաքական ընդդիմութեան դէմ մղուող անհաշտ պայքարը: Այսպէս, Միլլի մէճլիսի նիստերում պատգամաւորների միջանձնային վէճերում, որպէս մահացու յիշոց, յաճախակի են հնչում «դու հայ ես» եւ կամ` «հայի ծնունդ», «հայի ժառանգ», «մայրդ հայ է», կամ` «տատդ հայ է» եւ նման այլ փոխադարձ վիրաւորանքները: Կենցաղում բաւական է, որպէսզի մեկնումէկն աչք տնկած լինի մէկ ուրիշի ինչքի, բնակարանի, առեւտրային գործի եւ կամ պետական պաշտօնի վրայ, իսկոյն պատկան մարմիններ մուտք են գործում անանուն նամակներ տուեալ անձի «հայկական արմատների» եւ կամ «հայերի հանդէպ ունեցած բարեացակամ վերաբերմունքի», առաւել եւս` «հայերի հետ ունեցած կապի» մասին եւ համարժէք այլ յղումներով, որոնք անյապաղ մանրազնին քննութեան առարկայ են դառնում նշուած ատեաններում` հնարաւոր հետեւութիւններով ու հետեւանքներով հանդերձ: Այլ կերպ ասած, «վհուկների որսի» նոյն իրավիճակն է, որ տիրում էր խորհրդային բռնապետութեան օրօք` «անձի պաշտամունքի» տարիներին, յատկապէս` 30-ական թուականներին, երբ իր աչքի վերեւ, փոխանակ Ստալինին տեսնելու, սեփական յօնք տեսնողը բանտային ճաղերի ետեւ էր գցւում ու գնդակահարւում եւ կամ, մեղմագոյն դէպքում, ցրտաշունչ սիպիրեան ճամբարներում իր տառապալի մահկանացուն կնքելու «մարդասիրական ուղեգիր» ստանում «դատական եռեակի» անբեկանելի վճիռով:

Հայասիրութեան մէջ կամ, աւելի մեղմ ասած, հայամէտութեան մէջ առաւել յաճախ մեղադրւում է ազրպէյճանական ընդդիմութիւնը, եթէ այդպիսին այլեւս մնացել է երկրի ներսում: Բանն այն է, որ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներից շատերին  այս կամ այն կերպ յաջողուել է ճողոպրել եւրոպական երկրներ, ի հարկէ, հայրենի երկրում բանտային զրկանքները որոշակի ժամանակ լիուլի ճաշակելուց յետոյ միայն: Այդ գործիչները, թէ՛ նրանք, ովքեր առայժմ Ազրպէյճանում են` ուղիներ ու միջոցներ փնտռելով գլուխը դրսերում փրկելու համար,  եւ թէ՛ նրանք, ում գլուխը սեփական ուսերին է մնացած այլ  երկրների սահմաններ հատելու շնորհիւ, իրականում երբեք աչքի չեն ընկել հայերի նկատմամբ բարեացակամ վերաբերմունքի այս կամ այն դրսեւորմամբ: Բայց ահա նրանք բոլորն էլ, առկայ, թէ հեռակայ,  մեղադրւում կամ, առնուազն, կասկածւում են ծանր յանցագործութեան` հայրենիքի դաւաճանութեան մէջ` որպէս «ժողովրդի թշնամիներ» ամբաստանուելով, իբր թէ որդեգրած «հայանպաստ» դիրքորոշման համար:

Որպէս երեւոյթի` առաւել թարմ ու յատկանշական օրինակի կարելի է հանդիպել Պաքուի իշխանամէտ haqqin.az տեղեկատուական-վերլուծական գործակալութեան մարտի 5-ի թողարկման լրահոսում զետեղուած «Սիյավուշ Նովրուզով. «Երիտասարդութեան ջղերը չեն դիմացել եւ նրանք պղծել են Վիտատի Իսկենտերլու հօր գերեզմանը» վերնագրով թղթակցութեան մէջ: Հրապարակման առիթը Ֆրանսա տարագրուած ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Վիտատի Իսկենտերլու հօր գերեզմանի պղծումն էր, որ նրա ծննդավայրում` Կէօքչայի շրջանի Մելիք գիւղի գերեզմանատանը  իրականացրել են, լրատուամիջոցի բնորոշմամբ, «մի խումբ ծայրայեղ արմատական երիտասարդ գործիչները»: Գերեզմանը պղծելու, ապականելու բուն գործողութիւնը նկարահանուած ու հրապարակուած է Դիմատետրում:

Տեսանիւթում պատկերւում է, թէ ինչպէ՛ս են երիտասարդ ծայրայեղականները բնական կարիքներ հոգում գերեզմանաքարի վրայ, իսկ տեսապատկերի ետեւից հնչող ձայնը, ամենակեղտոտ յիշոցներ թափելով Իսկենտերլու հասցէին,  նրան մեղադրում է Ազրպէյճանի շահերին դաւաճանութեան, հայերի հետ գործակցութեան ու վախկոտութեան մէջ, սպառնում հօր դիակը հանել հողից  եւ ուղարկել Ֆրանսա` վտարանդի ընդդիմադիր գործչին: Ես ինքս քանիցս դիտել, լսել եմ Իսկենտերլու համացանցային տեսաելոյթները, որոնցում, այո՛, սուր քննադատատութիւն է հնչում Ազրպէյճանի իշխող վերնախաւի, անձամբ Իլհամ Ալիեւի հասցէին: Ինչ վերաբերում է հայերի նկատմամբ նրա վերաբերմունքին, առանձնապէս` Արցախի հարցում դիրքորոշմանը, ապա այն դոյզն իսկ չի տարբերւում Պաքուի քարոզչամեքենայի հակահայ վայրահաչութիւններից. ժանիքների նոյն գազանային կրճտոցն է, մեղադրանքների ու սպառնալիքների միեւնոյն տարափը: Այսինքն` այն ամէնը, ինչ յատկանշական է եւրոպաներում մազապուրծ ապաստանած ազրպէյճանցի միւս վտարանդիների հրապարակային ելոյթների ոգուն ու տառին: Բայց քանի որ գործող իշխանութիւնների, առանձնապէս նախագահ Ալիեւի հասցէին հնչած ամէն մի վարկաբեկիչ խօսք Ազրպէյճանում ընկալւում է որպէս «հայասիրութեան արտայայտութիւն», ուստի եւ քննադատութեան հեղինակներն անյապաղ մեղադրւում են հայրենիքի ու ժողովրդի դաւաճանութեան մէջ` ենթարկուելով քրէական հետապնդումների ու հալածանքների: Երկրի ներսում` անմիջականօրէն, իսկ «դրսեցիների» նկատմամբ միջպետական եւ կամ միջազգային քրէական հետախուզութիւն է յայտարարւում: Բայց քանի որ միշտ չէ, որ այն յաջողութեամբ է պսակւում, ուստի հալածանքների թիրախ են դառնում երկրում մնացած նրանց ազգականները եւ կամ, ինչպէս Իսկենտերլու պարագայում է, ծաղրուծանակով ապականման են ենթարկւում հարազատների գերեզմանները: Իսկ որ, ի տարբերութիւն իրական մարտադաշտերի, հանգուցեալների դէմ տասնամեակներ ի վեր հետեւողականօրէն մղուող պատերազմում ազրպէյճանական իշխանութիւնները շօշափելի յաջողութիւններ են արձանագրել, համոզուած եմ, դոյզն իսկ կասկածի տեղիք չի տալիս: Ապացոյցը` հայկական գերեզմանատների աւերումն ու տոփանումն է Պաքւում եւ հանրապետութեան շատ այլ բնակավայրերում: Եւ, ահաւասիկ, պղծման նոյն այդ բարբարոսական արարքը թոյլ է տրուել նաեւ ազրպէյճանցի այլախոհի ազգականի գերեզմանի նկատմամբ, ինչն իշխող Նոր Ազրպէյճան կուսակցութեան գործադիր քարտուղարի տեղակալ, Միլլի մէճլիսի պատգամաւոր, խորհրդարանի  հասարակական միաւորումների եւ կրօնական կազմակերպութիւնների կոմիտէի նախագահ Սիյավուշ Նովրուզովի գնահատմամբ, ոչ այլ ինչ էր, քան ընդամէնը մի խումբ արմատականների վրէժխնդրութիւն` Իսկենտերլուց, այն բանի համար, որ նա անարգել է ազրպէյճանական ժողովրդին:

Ինչ խօսք, էական չէ, որ այդ անարգանքն ընդամէնը այլախոհի քննադատութիւն է երկրի հարստութիւնները գռփող ու գրպանող, հասարակ ժողովրդին թշուառութեան մատնող  քլանային իշխանութիւններին: Իսկ քննադատել  տէրունական բուրգի գագաթին միահեծան բազմած բռնապետին` Իլհամ Ալիեւին, Ազրպէյճանում ընկալում են ոչ այլ կերպ, քան ոտնձգութիւն` սեփական ժողովրդի արժանապատուութեան նկատմամբ եւ, հետեւապէս, յանցաւոր գործարք ազրպէյճանական ժողովրդի ոխերիմ թշնամու` հայութեան հետ, այսինքն` դաւաճանութիւն սեփական ժողովրդին: Արդեօք հէնց այդ ամբաստանութեամբ չե՞ն Ազրպէյճանում մեղադրանքի սիւնին գամել յայտնի գրող Աքրամ Այլիսլուն, ինչ-ինչ` նա խիզախել է եթէ ոչ ամբողջ ճշմարտութիւնը, ապա թէկուզ դրա մի փոքր մասը բարձրաձայնել իր աղմկայարոյց «Քարէ երազներ» ռեքուիեմ-վիպակում` զուգահեռ անցկացնելով դարասկզբին Նախիջեւանի Ագուլիս հայկական գիւղում եւ դարավերջին Պաքու հայահոծ քաղաքում իրականացուած հայկական ջարդերի միջեւ:

Իսկ յետոյ մարդիկ ամէնուրեք, մանաւանդ   ` միջազգային հանրութեան տարբեր շրջանակներում, դեռ տարակուսում էլ են, թէ ինչո՛ւ Ազրպէյճանում այդքան սակաւաթիւ ու անզօր  է քաղաքական ընդդիմութիւնը: Բանն առաւել քան պարզ է` այդ երկրում հետզհետէ աւելի ու աւելի թանձրացող հայատեացութեան թունաւոր մթնոլորտում ո՞վ կարող է գլխից ձեռ քաշել` խիզախելով բացէիբաց գոչել, թէ` արքան մերկ է եւ մեն մի այս խօսքի համար ողջ կեանքում կրել այդ երկրում քրէօրէն հետապնդելի «հայասէր դաւաճան» խարանը:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

Անդրադարձ. 1918-ի Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Օրերը –Ա.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումին յաջորդեց դիւանագիտական աշխատանք, որուն ծիրին մէջ, իբրեւ տակաւի՛ն Հայաստանի ղեկավար, Արամ Մանուկեան օգոստոս* 1918-ին ընդունեց Գերմանիոյ բանակի Կովկասի ներկայացուցիչ զօրավար Ֆրետերիք Ֆրայհըր Քրես վոն Քրեսենշթայնը (1870-1948), (1) եւ ապա օսմանեան բանակի վատահամբաւ «Թեշքիլաթ-ը մահսուսայի» ջարդարար հրամանատարը` պատերազմի նախարար Իսմայել Էնվեր փաշայի հօրեղբայր Խալիլ փաշա Քոլթը (1882-1957), որ 1918-ի Մայիսի 15-ին գրաւած էր Ալեքսանդրապոլը (Գիւմրի) (2): Համաշխարհային Ա. պատերազմի վերջին օրերն էին, տակաւին Գերմանիոյ եւ անոր դաշնակից Օսմանեան կայսրութեան պարտութիւնը չէր հռչակուած: Ահա` այս մասին Երեւանի հրամանատար Արշաւիր Շահխաթունիի յուշերը. «Խալիլ փաշայի հանդիպումները Արամի հետ» (3) :

«Գերմանզինուորական եւ քաղաքական (Կովկասի, ՅՉ)* ներկայացուցիչը (Ֆրետերիք Ֆրայհըր Քրես վոն Քրեսենշթայն, նստավայրը` Վրաստան, ՅՉ)* այցելեց Երեւան (1918 օգոստոսին, ՅՉ)* իր սպայակոյտին հետ, որ կազմուած էր 20 զինուորականներէ:

Հարկաւ զանոնք ընդունեցինք շատ քաղաքավար կերպով, բայց` ոչ բոլորովին գրկաբաց, որովհետեւ համաշխարհային պատերազմը դեռ աւարտած չէր:

Արամն (Մանուկեան` Սարգիս (Սերգէյ) Յարութիւն Յովհաննիսեան, ՅՉ) էր Հայաստանի գլխաւոր կառավարիչը, ուստի ինք կը հսկէր բոլոր կարգադրութիւններուն:

Գերման զօրավարը Արամին յայտնեց, որ Խալիլ (Քոլթ, ՅՉ)* փաշան` տաճկական զօրքի այդ շրջանի հրամանատարը, շատ մեծ փափաք ունէր Երեւան գալու` տեսնելու համար իր բարեկամ Արամը, բայց կը վախնար, որ կրնար մերժուիլ: Արամը պատասխանեց, որ ընդհակառակն, ուրախութեամբ պիտի ընդունէր զայն: Գերման զինուորականը շատ ուրախացաւ: (Ծանօթ. կարգ մը աղբիւրներ սխալ կերպով կը նշեն, որ գերման զօրավարը եւ Խալիլ միասին եկած են Երեւան, նաեւ թուականներ եւ շաբթուան օրը չեն համապատասխաներ. օրինակ, 28 օգոստոս 1918-ն չորեքշաբթի էր եւ ոչ թէ շաբաթ (4), ՅՉ)*:

Ընթրիքի ժամանակ ան Արամէն խնդրեց, որ իրեն թոյլ տար անմիջապէս հեռագրել Խալիլին` աւելցնելով, որ մեծ ցանկութիւն ունէր տեսնելու մեր երկրի հնութիւնները, նաեւ ամէնէն գլխաւորը` վեհափառ կաթողիկոսին կողմէ ընդունելութեան արժանանալ:

Հեռագիրը անմիջապէս ուղարկուեցաւ Խալիլ փաշային:

Երբ գերմանացիները իրենց յատկացուած սենեակները պիտի երթային հանգստանալու, զօրավարը հրամայեց իր սպաներուն` առաւօտեան ժամը 8:00-ին ներկայ գտնուիլ քաղաքապետարանի սրահը: Վրաս լաւ տպաւորութիւն ձգեց, երբ անմիջապէս բոլոր սպաները զինուորական շարժումի նման հանեցին իրենց ժամացոյցները եւ լարեցին ճշգրիտ ժամը:

Ապա գերմանացիները առաջնորդեցի իրենց բնակարանը:

Արամը խնդրեց, որ վերադարձիս անմիջապէս իրեն հանդիպիմ: Այդպէս ալ ըրի: Ան ինծի հարցուց.

– Որքա՞ն  զօրք ունիս Երեւանի մէջ:

– Երկու գունդ (գունդ=3000-5000 զինուոր, սակայն, այդ ժամանակ, ըստ Ռուբէնի յուշերուն` 1000-1500 (5), ՅՉ) հետեւակ ունիմ, երկու գունդ ընտիր հեծելազօրք, որոնց սպաները կրթուած են յայտնի ուսանողական շարքերու մէջ, երեք մարտկոց եւ 12 թնդանօթ:

Ֆրետերիք Ֆրայհըր Քրես վոն Քրեսենշթայն 1916

Խալիլ փաշա Քոլթ

– Դուն լաւ դերասան ես (Արշաւիրը ասպարէզով իսկապէս դերասան էր, առաջին հայ շարժանկարի դերասանը` 1913-ին,  ՅՉ): Կրնա՛ս լաւ ներկայացում մը տալ գերմանացիներուն եւ մանաւանդ Խալիլին: Հասկցա՞ր: Անոնց պէտք է ցոյց տանք, որ Սարդարապատի զինադադարը դեռ չէ վերջացած (հաստատուած, ՅՉ), թէ` մենք ուժ ունինք – եւ շարունակեց ժպիտով, հիմա հերթը Խալիլինն է – Ես Վանի մէջ անոր հետ մօտիկ բարեկամ եղած եմ, երբ վալի (նահանգապետ, ՅՉ) էր, իսկ ես` դաշնակցական գործիչ: «Հուրրիէթ»-ի (երիտասարդ-թուրք շարժում, ՅՉ)* տարին էր այդ (1908- ՅՉ): Խալիլ օղին շատ կը սիրէ: Նկատի ունեցիր: Պէտք է անոր փայլուն ընդունելութիւն ցոյց տալ:

– Հանգիստ մնա՛յ, Արա՛մ, ամէն բան կարգի կը դնեմ:

– Ուրեմն վաղը, երբ հեռագիրին պատասխանը ստանաս, անմիջապէս ինծի տեղեակ կը պահես: Գիշեր բարի, Արշաւի՛ր:

– Գիշեր բարի, Արա՛մ ջան:

Ես կը շտապէի, քանի որ կատարելիք շատ գործեր ունէի: Անմիջապէս գացի պաշտօնատեղիս եւ հերթապահ սպային հրամայեցի, որ հեռաձայնէ գունդերու գնդապետներուն, որպէսզի անմիջապէս հաւաքուին այստեղ` կարեւոր ժողովի մը համար:

Յետոյ զբաղեցայ Խալիլի ընդունելութեան գործով: (Բարսեղ, ՅՉ)* Եղիազարեաններուն շէնքը յատկացուցի Խալիլ փաշային եւ նոյնպէս հրահանգեցի իմ գունդիս հրամանատար Յակոբեանին, որպէսզի լաւագոյն վաշտերէն առանձին մասնաւոր ջոկատ մը կազմէ, փողահարները պատրաստէ որ կարենան նուագել տաճկական քայլերգը` հայկականէն ետք: Վստահ էի, որ Խալիլ փաշան պիտի փափաքէր հանդիպիլ սպարապետ (ընդհանուր հրամանատար Թովմաս Յովհաննէսի, ՅՉ) Նազարբէկեանին, որ առանձինն կ՛ապրէր փոքրիկ սենեակի մը մէջ:

Զօրավար Թովմաս Նազարբէկեան,

Բարսեղ Եղիազարեանին շէնքը, այժմ` Աբովեան 8

Անմիջապէս հրաւիրեցի Եղիազարեանը, որ ունէր գեղեցիկ յարկաբաժին մը Ազատութիւն փողոցին վրայ եւ խնդրեցի, որ ոչ թէ բռնադատուած ձեւով, այլ թոյլատրէ, որ երկու օրուան համար այնտեղ բնակի զօրավար Նազարբէկեանը` թուրք փաշային ցոյց տալու համար, որ ան կ՛ապրի ներկայանալի շէնքի մը մէջ: Ան ուրախութեամբ համաձայն գտնուեցաւ:

Յակոբեանին հրամայեցի նաեւ պահակ զետեղել Եղիազարեանի այդ բնակարանին առջեւ եւ շէնքին վրայ բարձրացնել սպայակոյտի դրօշակը: Որմէ ետք սպարապետին քով գացի եւ մեծ ճիգ թափեցի` համոզելու զինք, որ երկու օրուան համար փոխադրուի այդ նոր շէնքը:

Հրամանատարութիւն վերադարձիս` հեռագիր եկած էր Ալեքսանդրապոլէն, ըստ երեւոյթին, Խալիլ փաշան այնտեղ էր: Մեր (գերման զօրավարին, ՅՉ) հեռագիրին կը պատասխանէր (Խալիլ փաշան, ՅՉ), որ Երեւան կը հասնի ժամը 11:00-ին:

Անմիջապէս Արամը տեղեակ պահեցի: Քանի մը հրամանատարներ, զորս ժողովի կանչած էի, վախցած էին, որ վատ բան մը պատահած էր: Բայց երբ լսեցին բացատրութիւնս, հանգստացան: Հրամայեցի, որ բոլորը հաւաքուին Ազատութեան հրապարակին վրայ (իրենց գունդերով, ՅՉ):

Այնտեղէն կ՛անցնին գերման սպայակոյտի բնակած շէնքին առջեւէն` նուագելով փող-թմբուկ, կը շրջապատեն քաղաքապետարանը, ինչպէս նաեւ թատրոնի ակումբը` խումբը (բանակայինները, ՅՉ) ստուարաթիւ ցոյց տալու համար:

Սարդարապատի ճակատամարտի հրամանատար զօրավար Մովսէս Սիլիկեան եւ իր բնակարանը` Պուշկին 38. այս շէնքին մէջ նաեւ բնակած է Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Աւետիք Սահակեանը:

Ծրագիրը հիանալի կերպով յաջողեցաւ: Գերման զօրավարը հիացած էր հայ զինուորներուն քալուածքին եւ կանոնաւորութեան վրայ: Թարգմանի միջոցով յայտնեց ինծի.

«Mein lieber Kommendent, կը շնորհաւորեմ ձեզ այսպիսի հիանալի խումբ կազմելուդ համար. Իսկ ո՞ւր կ՛ուղարկէք զանոնք»:

«Զօրավա՛ր,- ըսի,- պատերազմը տակաւին աւարտած չէ: Ուրեմն կրնաք հասկնալ, թէ ո՛ւր կ՛ուղարկենք զանոնք»:

«Ո՞վ է առաջին գունդի հրամանատարը, հարցուց:- հիանալի կեցուածք ունի:

«Գնդապետ Զատիկեանն է, զօրավա՛ր: Ան կռուած է ձեր դէմ  եւ կուրծքին ունի Սուրբ Գէորգի շքանշանը»:

Ապա ան խնդրեց, որ իր տրամադրութեան տակ դնեմ երկու գերմաներէն գիտցող սպայ, որոնք կարենան ցոյց տալ Երեւանի շրջակայքը եւ հին վանքերը: Այս առաջարկը ինծի հաճելի չեղաւ: Բայց ի՞նչ կրնայի ընել:

«Ուրախութեամբ, զօրավա՛ր,- ըսի.- բայց նախ ձեզի պէտք է յայտնեմ, որ Խալիլ փաշան Երեւան կը հասնի ժամը 11:00-ին,- եւ հեռագիրը ցոյց տուի:

Զօրավարը պատասխանեց. «Աւելի լաւ է մեր շրջագայութիւնը յետաձգել եւ ժամը 12:00-ին հաւաքուինք դահլիճիս մէջ»:

Տեսայ, որ ամէն բան լաւ ընթացքի մէջ էր: Քիչ մը հանգստացայ: Բայց կը մտածէի, թէ ինչպէ՛ս կարելի էր հետեւիլ Խալիլի եւ գերման զօրավարի մտերմիկ խօսակցութեան: Անմիջապէս գացի պաշտօնատեղիս եւ Էսքտիկարեանէն խնդրեցի, որ հանէ զինուորական տարազը հագնի գլխաւոր սպասեակի տարազ, եւ երթայ գերման զօրավարին բնակարանը` որպէս սպասեակապետ,` այնպէս ձեւացնելով, որ կը հասկնայ ֆրանսերէն եւ ռուսերէն, բայց` ոչ գերմաներէն:

16 փետրուար 2018
(Շար. 1)

———————————–

(1) (https://en.wikipedia.org/wiki/Friedrich_Freiherr_Kress_von_Kressenstein) Երբ Գերման-Օսմանեան դաշինքը կը քայքայուէր` ան 1918-ի կէսերուն, գերմանական փոքր զօրքով ղրկուեցաւ Վրաստան` որուն անկախութիւնը կ՛երաշխաւորէր Գերմանիան, դժուարացնելու Կարմիր բանակին Աբխազիոյ վրայ յարձակումը:
(2)  (https://hy.wikipedia.org/wiki/Խալիլ)
(3)  «Արամը», հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, 1969, տպարան Համազգային, Պէյրութ, էջ 495-507:
(4)  (http://dayoftheweek.qpzm.com/?search_month=August&search_day=28&search_year=1918&type=search)
(5) «Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները» 7րդ հատոր, Բ. Հրատարակութիւն, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, 1979, Պէյրութ էջ 335-336, 145-146:

* Ծանօթ` դժբախտաբար այս եւ այլ լայնածաւալ յուշագրութիւններու մէջ, կը պակսին լրիւ անուններ (անուն եւ մականուն) եւ թուականներ. կարելի միջոցներով, երբեմն կը յաջողինք ամբողջացնել եւ վերականգնել պատմութիւնը, նաեւ լուսանկարներով`երբեմն հանդիպելով խեղաթիւրուած, կամ սխալ տեղեկութիւններու:

 

Ուխտի Ճանապարհներ Խրիմեան Հայրիկի Տապանաքարին Առջեւ

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

  Խրիմեանի գերեզմանը                                                                  Խրիմեանի յուշարձանը

Մանկութեանս յուշերուն մէջ դեռ վառ կը մնայ երկար մօրուքով «պապիկ»-ի մը պատկերը, որ կախուած էր մեր տան հիւրանոցի մուտքի ճիշդ դիմացի պատէն: Ծնողներս ինծի ըսած էին, որ ան շատ բարի եւ մեր բոլորին «Հայրիկ»-ն է: Ան տպաւորուած էր մէջս` որպէս ամենակալի օրինակը:

Այդ պատկերը «հանելուկ» ըլլալէ դադրեցաւ, երբ տարիներ ետք, ազգային վարժարան յաճախելով, դպրոցական հանդէսներուն իր մասին արտասանութիւններ ու երգեր սորվելով եւ կարդալով` ճանչցայ զինք, «Հայոց Հայրիկ»-ը` մեր ժողովուրդի ազատագրական շարժման ռահվիրաներէն անդրանիկը:

Հայրենասէրի այս զգացումով, երբ Խորհրդային Հայաստան այցելել կ՛արտօնուէր մեզի, նախ փափաքեցայ  մեր դարաւոր հաւատքի կեդրոնատեղին` Էջմիածին այցելելով` Հայրիկի տապանաքարն ալ տեսնել: Յուզուած ու պատկառանքով մօտեցայ Մայր Աթոռի   զանգակատան հարաւակողմը գտնուող շիրմաքարին: Հայրիկին տապանաքարը սպիտակ, մաքուր մարմարէ պատրաստել տրուած էր, Էջմիածնի Սինոտի յանձնարարութեամբ,  Թիֆլիսի մէջ օրուան առաջնորդ Գարեգին արք. Սաթունեանը: Ան հաստատուած է կապոյտ կրանիթէ պատուանդանի վրայ` մօտ երկու մեթր երկարութեամբ: Մարմարէ շիրմաքարին գլխավերեւը քանդակուած է հայրապետական թագը եւ զոյգ գաւազաններն ու զարդերը, իսկ չորս կողմերը շրջանակաձեւ քանդակուած են նուրբ ծաղիկներ: Բարձրաքանդակ եւ շատ սիրուն  տառերով ալ փորուած է տապանագիրը, որ գրած է Խրիմեանին յաջորդող Մատթէոս Իզմիրլեան կաթողիկոսը:

Յուզիչ էր տպաւորութիւնս: Խրիմեան Հայրիկի կենսագիր Հայկ Աճեմեանին նկարագրութեամբ` «Արարատեան աշխարհին մէջ, Մասիսի ստորոտէն եւ Արաքսի ափերէն քիչ հեռու, Էջմիածնի զանգակատան կամարներուն տակ, մո՜ւշ-մո՜ւշ կը ննջէ հայոց Հայրիկը, Արագածի հովերը կը շոյեն անոր շիրիմը», իսկական պատկերացումը ունեցայ: Ի դէպ, օրին վերոյիշեալի գիրքին մէջ (տպագրուած` 1920-ին) կարդացած էի, որ Հայրիկին թաղումը շարժապատկերի ընկերութեան մը կողմէ լուսանկարուած ու ցուցադրուած էր` Կովկասի մէջ որպէս պատմական ժապաւէն, ապա` Վան, 1909-ին: Արդեօք դեռ գոյութիւն ունի՞ անիկա:

Այսօր, Խ. Հայրիկի մահէն հարիւր տարի ետք, որքա՜ն իրական է   բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի հետեւեալ խօսքը. «Արարատեան երկրի հողը ծածկեց նրա աչքերը եւ նա քնեց «հողին քնով» դարե՜ր, դարե՜ր, յաւիտեան…: Բայց հայ ժողովուրդը նրան չի մոռանայ: Քանի հնանայ նա, այնքան աւելի մեծ մարդու պսակով շողազարդուած` կը նայէ դարերի միջից հայ ժողովրդին եւ կը խօսի նրա հետ, իր ժողովրդի նուիրական իղձերից, հարազատ լեզուով: Ժողովուրդը նրան չի մոռնայ, որովհետեւ նա նրա սրտից էր եկել եւ դէպի նրա սիրտն էր գնում…»:

 

 

«Եթէ Կ՛ուզես, Կ՛ըլլայ…»

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Փետրուար ամսուն վերջին օրերուն եւ մարտի սկիզբը կը գտնուէի Անգլիա եւ Հիւսիսային Իրլանտա: Ճիշդ այն օրերուն էր, երբ վրայ հասաւ այսպէս կոչուած «Արեւելքի հրէշը»: Ցուրտ եւ պաղ կլիման ոչ միայն անդամալուծեց տարածաշրջանը, այլեւ բաւական մարդկային եւ նիւթական վնասներ պատճառեց : Ես պէտք էր ելք մը գտնէի դուրս գալու համար Պելֆասթի փակ օդային տարածքէն` հասնելու համար Պէյրութ: Դժուար էր, բայց երեւցաւ դուրս գալու լաւ միջոցը: Պելֆասթէն դէպի Փարիզ, որմէ ետք` Պէյրութ:

Շաբաթ, մարտ երեքին կը մտնեմ Փարիզի «Շարլ տը Կոլ» օդակայանը: Առաւօտ բաւական կանուխ կարծէք օդակայանը նոր կ’արթննար: Հանդարտ էր ամէն տեղ եւ ամէն բան: Հասայ Ֆրանսական ընկերութեան օդանաւի մուտքի ընդունման կեդրոնները, ուր պաշտօնեանները մէկը միւսին քով եւ ազատ վիճակի մէջ կը սպասէին զիս: Ի՜նչ հաճելի է հանդարտ եւ ոչ խճողուած մթնոլորտը, երբ առջեւդ կան շատ մը պաշտօնեաններ, որոնց դէմքին ժպիտը պատրաստ է քեզ ընդունելու:

Կ՛երեւի միայն ետքը պիտի անդրադառնայի եւ կամ գիտակցէի, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս պատահականութիւնը զիս մղեց, որպէսզի անցնիմ այն կարգին, որուն ետեւ աշխուժ ժպիտով երիտասարդ օրիորդ մը զիս ընդունեց:

Փարիզ էի: Պատշաճ էր, որ տեղական լեզուով բարեւէի: Չուշացաւ իմ կողմէս « պոնժուրը» եւ անցագիրս յանձնեցի օրիորդին:

Երիտասարդ պաշտօնեայ օրիորդը նայեցաւ անցագիրիս եւ գլուխը վեր առնելով` ինծի ըսաւ. «Կրնաս նաեւ բարի լոյս ըսել»:

« Աղջի՞կ…», եղաւ իմ շատ արագ պատասխանս… Չեմ գիտեր, եթէ իմ արագ արտայայտութիւնը առանց անդրադառնալու էր, բայց զգացի, որ  թօթափած էի պաշտօնական հանգամանքը եւ դուրս եկած էի զսպուած եւ կաղապարուած այդ մթնոլորտէն` Փարիզի օդակայանին մէջ: «Մայրենիով» սկսած մեր զրոյցը ստացաւ բարեկամական եւ հաղորդական հիմք:

«Իմ մականունս Թաշճեան է». ըսաւ ան:

Եւ չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, բայց նոյնքան արագ եկայ հաստատելու, որ ան պէտք էր ըլլար Պէյրութէն կամ Կիպրոսէն:

«Շատ հաւանաբար Լիբանանէն կամ Կիպրոսէն եկած էք», ըսի իրեն` փորձելով կամրջել Թաշճեան ընտանիքներու իմ ծանօթութիւններս մեր այս շրջաններուն մէջ:

«Ինչու միայն Լիբանանէ՞ն եւ Կիպրոսէ՞ն մէկը կրնայ ըլլալ», եղաւ իր հաստատ պատասխանը:

Կը զրուցէի ինքնավստահ, խելահաս եւ համարձակ հայուհիի մը հետ:

«Հայրս Հալէպ ծնած է», շարունակեց ան: «Պատանի տարիքին` տասնմէկ տարեկանին, եկած է  Ֆրանսա»:

Ճիշդ էր: Ես պէտք էր կարենայի տեսնել եւ կռահել, որ Թաշճեան ընտանիքէն ալ ծանօթութիւններ ունիմ Հալէպի մէջ: « Մայրս քեսապցի է` Սարգիսեան ընտանիքէն եւ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. վեհափառին զարմիկն է», շարունակեց ան հպարտ ու հաստատ հայերէնով:

«Զարմիկներ…»: Մեր զրոյցին մէջէն սկսած էի տեսնել, որ կը խօսիմ երիտասարդ օրիորդի մը հետ, որ ոչ միայն հպարտ հայ է, այլ նաեւ բաւական լաւ տիրապետած է  մայրենիին: Ան չգործածեց «քուզին» կամ « քուզեն» ֆրանսերէն արտայայտութիւնները, ինչ որ թերեւս կրնար շատ աւելի դիւրին ըլլալ իրեն համար…

«Ես Ֆրանսա ծնած եմ, բայց շատ փափաք ունէի այցելելու Սուրիա` իմ ծնողքիս ծննդավայրը,- ըսաւ ան.- Բայց կարելի չեղաւ. հիմա ալ քիչ մը ուշ է»: Իսկ «ուշ»-ով ան կ՛ակնարկէր անշուշտ Սուրիոյ ներկայ օրերու քաղաքական եւ պատերազմական վիճակին:

«Իմ ալ ծնողներս հալէպցի են,-  եղաւ իմ մասնակցութիւնը այս զրոյցին.- բայց ես Պէյրութ ծնած եմ»:

Այս բոլորէն անդին կար մէջս հարցում-հետաքրքրութիւն մը, որ ուզեցի ուղղել երիտասարդ Թաշճեանին: Բաւական ծանօթութիւն ունիմ ֆրանսահայ իրականութեան հետ եւ գիտեմ նաեւ, որ մայրենիին գործածութիւնը գաղութին մէջ տեղքայլի մէջ է, մանաւանդ` երիտասարդ սերունդին պարագային: Իսկ իմ առջեւս կեցած էր Ֆրանսա ծնած երիտասարդ հայուհի մը, որ մեր խօսակցութեան ընթացքին ոչ մէկ օտար բառ գործածեց…:

«Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Ֆրանսա ծնած ես եւ լաւ հայերէն կը խօսիս», եղաւ իմ հետաքրքիր ու դիպուկ հարցումը:

Երիտասարդ Թաշճեանի երեսին վրայ գծուեցաւ ժպիտ մը: Նոյն այդ ֆրանսական ընկերութեան պաշտօնեայի հանգամանքի

«պարտադրուած» ժպիտէն շատ աւելի անդին էր…  Սկսած էի աւելիով տեսնել Թաշճեանին հայկական ինքնավստահութիւնը եւ հպարտութիւնը իր դէմքին վրայ: Եւ իմ հարցումին ան դրաւ իր պատասխանը, որ դարձաւ ինծի համար մարտահրաւէր. «Եթէ կ՛ուզես, կ՛ըլլայ», ըսաւ ան:

Պատասխանը շատ պարզ էր եւ ունէր իր մէջ բովանդակութիւն մը, որ կ’ենթադրէր անձնական պատասխանատուութիւն եւ ինքնագիտակցութիւն:

Հրաժեշտ առի Թաշճեանէն եւ շնորհակալութիւն յայտնեցի այս հաճելի հանդիպումին համար, բայց մէջս կար մէկ շատ կարեւոր հարցում. «Ո՞վ է, որ պիտի ուզէ…»:

«Մայրենի»-ին օրուան առիթով կային ուղերձներ եւ արտայայտութիւններ: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը ըսաւ. «Հայոց լեզուն` հայ ինքնութեան ու ազգային միաբանութեան առաջնային գրաւականն ու հայապահպանութեան հիմնասիւնը, ուծացման վտանգի դէմ զօրեղ վահանը»: Եւ նոյնքան հետաքրքրական էր նաեւ Սեւան Տէյիրմենճեանին արտայայտութիւնը. «Լեզուն կենդանի է դիմադրութեամբ»:

Բայց կայ տակաւին իմ հարցումը: Ո՞վ է, որ պիտի ուզէ  «ուծացման վտանգի» դէմ կենալ, եւ ո՞վքեր են անոնք, որոնք պիտի ու պէտք է «դիմադրեն»` լեզուն կենդանի պահելու գրաւականին ի խնդիր…

Փարիզ ծնած ու հոն ապրող Թաշճեանը գտած է եւ ունի պատասխանը: «Ինքն է, որ ուզած է»: Եւ ինքը իւրաքանչիւր հայն է: Ես եմ, դուն ես եւ` բոլորս: Բոլորս եթէ «ուզենք», «կ՛ըլլայ», եւ կը պահուի «մայրենին»:

Օդանաւի դրան մուտքին նոյն ընկերութեան այլ պաշտօնեայ մը  փոխարինեց իմ նստելու աթոռիս թուղթը եւ տուաւ ինծի առաջին կարգի տեղ: Ինծի համար քիչ մը տարօրինակ էր: Լիբանանեան մեր օդանաւային ընկերութեան հետ միշտ ալ ունեցած եմ այս փորձառութիւնը, քանի յաճախ կը ճամբորդեմ իրենց հետ: Բայց` ոչ ֆրանսականին հետ: Եւ դժուար չեղաւ հետեւցնելը… Թաշճեանն էր… Հայկական ծանօթութիւնը, որ սկսած էր Փարիզի օդակայանին մէջ, եւ որ ջերմացաւ մեր մայրենիին հաղորդակցութեամբ: Հոն, ուր երկու հայեր կրցած էին զիրար աւելի լաւ ճանչնալ, բայց նաեւ` հաղորդակցիլ:

Եւ եթէ «հայուն ինքնութիւնը եւ ազգային միաբանութիւնը» պիտի պահպանենք, այս պիտի նշանակէ, որ  նաեւ պիտի  պահպանենք «հայոց լեզուն»: Եւ «մայրենիին» պահպանումը մեծապէս պիտի օգնէ, որպէսզի հայը աւելի լաւ կրնայ հասկնալ «միւս» հայը: Բայց «հայոց լեզուն» պահելու համար պէտք է «դիմադրութիւն»: «Դիմադրութիւնը» նախ եւ առաջ անձնական ընտրանք է… Իմ ընտրանքը, բայց նաեւ` իւրաքանչիւր հայունը:

«Եթէ կ՛ուզես, կ՛ըլլայ»:

Երիտասարդ Թաշճեանը «ուզած» է… Ան Փարիզի օդակայանին մէջ ապացուցեց, որ «կ՛ըլլայ» եղեր… որ «մայրենին» կը պահուի, եթէ ուզես…:

Եւ ուզո՞ղը: Պէտք է ըլլամ ես, դուն եւ` բոլորս:

Թաշճեանին ընտրանքը, բայց նաեւ` իւրաքանչիւր հայունը:

«Մայրենիին» պահպանումը…

 

 

 

«Մեր Պապերի Նման Ենք»

$
0
0

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ

Անցնող օրերուն աւարտեցինք փետրուար ամիսը:

Տարուան ամիսներուն մէջ փետրուարը լի է հայոց պահանջատիրական տօներով: Կարելի չէ թեւակոխել փետրուարը` առանց անդրադառնալու կարգ մը յիշատակելի թուականներու: Կը սկսինք Վարդանանց պատերազմի յիշատակութեամբ, կ’անցնինք Փետրուարեան ապստամբութեան, ապա կ’աւարտենք արցախեան ազատագրական պայքարի ոգեկոչումով:

Այս տարի տարբեր էր փետրուարը, որովհետեւ համայն հայութիւնը նշեց արցախեան պայքարի 30-ամեակը:

Փետրուարի վերջին օրերուն Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ արտասովոր աշխուժութիւն մը կար: Մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի աշակերտները տարբեր ձեռնարկներով նշեցին Մայրենի լեզուի , գիրք նուիրելու եւ արցախեան պայքարի ոգեկոչման 30-ամեակը:

Մանկապարտէզի երեխաներուն` «Մեր պապերի նման ենք…» սրտաբուխ եւ հարազատ կանչերը, ուսուցչուհիներուն օգնութեամբ Արցախի դրօշին պատրաստութիւնը տպաւորիչ էին: Նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի կարգերուն Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատրուրեան» սրահին բեմէն բարձրացող մեկնաբանութիւնները, երգչախումբին մատուցած երգերը, պարերն ու սահիկներու ցուցադրութիւնը ազդեցիկ եւ գօտեպնդիչ էին: Փաստօրէն Արցախի ազատամարտիկներուն շունչն ու թեւածող ոգին ներկայ էին բեմին վրայ` աշակերտութեան կողքին:

30 տարիներ առաջ Արցախի լեռներուն վրայ ծնունդ առած գոյամարտի պայքարը վարակիչ ազդեցութիւն ունեցած էր այս նոր սերունդին վրայ, որուն մօտ բացայայտօրէն կ’արտացոլար  պահանջատիրական պայքարի ամէն կեցուածք թէ  զգացում, գոյամարտը շարունակելու մղում, յաղթանակի երթի վճռական կամք եւ հաստատ համոզում:

Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտութեան մօտ վերոյիշեալ բոլոր երեւոյթները յստակօրէն կ’երեւէին: Այդ բոլորին  ականատես ըլլալը կը նշանակէր` վերապրիլ պատմութիւնը, ներշնչուիլ հերոսներու ոգիով, նախանձախնդրութեամբ սեւեռել մեր նայուածքները դէպի նոր սերունդը, վստահիլ անոր գաղափարներուն, տեսիլքներուն եւ մանաւանդ հայրենասիրութեան:

Սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանումի համար պատասխանատուներ, ղեկավարներ եւ կրթական մշակներ մեծ ճիգեր ի գործ կը դնեն: Ոմանց համար այդ ջանքերը թերեւս ապարդիւն կը սեպուին, ուրիշներու համար ալ` պարզ փորձարկումներ:

Ճիշդ է, որ համաշխարհայնացումի բոլոր երեւոյթներուն դէմ  պայքարիլը դժուար է, հոսանքն ի վեր թիավարելը բաւականին բարդ է,  սակայն ընկրկիլը ներելի չէ: Օտար  բարքերը  արտասովոր արագութեամբ կը թափանցեն  բոլոր եւ նոյնիսկ  մեր հայկական շրջանակներէն ներս, բայց եթէ անգամ մը մեր ակնարկը նետենք մանուկներուն, պատանիներուն կամ նորահաս երիտասարդներուն հոգիներուն, հոն պիտի հանդիպինք իրենց ծիներուն մէջ արմատացած  հայրենասիրութեան,  պիտի հանդիպինք իրենց սրտերուն մէջ բոյն դրած պահանջատիրական  զգացումին, պիտի հանդիպինք իրենց ուղեղներուն մէջ տեղ գտած ազատ հայրենիքի գաղափարին:

Հայկական կրթօճախներուն կամ միութիւններուն մէջ գործող ապագայ երիտասարդը խրախուսելը, մարդկային թէ հայկական արժէքներով դաստիարակելը այս փուլին չափազանց անհրաժեշտ է: Նորահաս երիտասարդութեան մէջ հայրենասիրական գաղափարի եւ կեցուածքի նուազագոյն նշոյլն իսկ հարկ է գնահատել եւ զարգացնել: Դեռ աւելի՛ն. օտար շրջանակներու մէջ գտնուող մեր երիտասարդութիւնը հայութեան մօտեցնելը հրամայական մըն է: Հաւատանք, որ օտարասէր հայ երիտասարդին մէջ եւս կարելի է գտնել թաքնուած հայրենասիրութիւն:

Արցախեան պայքարի 30-ամեակի ոգեկոչումը առիթ մըն է` աշակերտութեան թէ երիտասարդութեան մէջ զարգացնելու ազատ ու անկախ հայրենիքի ձգտումը: Չտատամսի՛նք, այնքան ատեն որ անոնք ունին կամքն ու պատրաստակամութիւնը:

Վերջապէս, «Մեր պապերի նման ենք»: Կը սիրենք մեր երկիրը, կը սիրենք ազատութիւնը:

 

 

 

Անդրադարձ. Ցնորամտութի՞ւն, Թէ՞ Թշնամանք

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ռուս յայտնի ազգայնական գործիչ, Միջազգային եւրասիական շարժումի ղեկավար, քաղաքագէտ Ալեքսանտր Տուկին հայրենի «Ժամանակ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յառաջ քշեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար հայ ժողովուրդի շահերուն խիստ հակադրուող գաղափար մը: Ան կ՛առաջարկէ այդ հիմնահարցի լուծումը քննարկել Սուրիոյ հարցով ստեղծուած Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա ձեւաչափին մէջ` ընդգծելով. «Գլխաւորը` որքան կարելի է հեռու քշել Արեւմուտքը»:

Այդ ձեւաչափով խնդիրներու լուծման «փայլուն արդիւնքներ»-ը յստակօրէն կ՛երեւին Աֆրինի իրադարձութիւններուն` Մոսկուայի կողմէ քիւրտերու դաւաճանութեան եւ Անգարայի կողմէ ներխուժման, կոտորածին ու աւերին մէջ: Միւս կողմէ` մեզի համար ո՛չ Արեւմուտքն է վստահելի, ո՛չ ալ` Արեւելքը: Սակայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա-Ֆրանսա համանախագահութիւնը այն ձեւաչափն է, ուր հակակշռուած են երկու ժխտականները: Ստեղծուած է հաւասարակշռութիւն մը, որ հայկական կողմին կ՛ապահովէ երկու կողմերուն միջեւ խուսանաւելու կարելիութիւն մը, որ կու գայ աւելնալու հայկական կողմին համար միակ իսկականը եղող հայկական բանակին ու հայ զինուորին ներկայացուցած երաշխիքին վրայ: Երաշխիք մը, որուն անփոխարինելիութիւնն ու կենսական նշանակութիւնը ընդգծուեցաւ եւ ատոր վերյիշեցումը կատարուեցաւ ապրիլ 2016-ի քառօրեայ պատերազմի ընթացքին:

Իր կերպարանքով եւ, ըստ կարգ մը կարծիքներու, նաեւ ազդեցութեամբ տխրահռչակ Ռասփութինը յիշեցնող Տուկին նաեւ կ՛առաջարկէ, որ հայկական կողմը «իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում» վերադարձնէ «Ազրպէյճանի հինգ» շրջանները, ինչ որ «կրնայ կարեւոր եւ նոյնիսկ վճռական քայլ ըլլալ դէպի իրավիճակի ապամագլցում, լարուածութեան թուլացում»:

Արցախի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ, սակայն, ազրպէյճանական ոչ իսկ մէկ տարածք գոյութիւն ունի, փոխարէնը ազրպէյճանական կողմին մօտ կան բռնագրաւուած հայկական տարածքներ, իսկ եթէ իրապէս տարածքներու վերադարձի տեսքով բարի կամեցողութեան ցուցադրման անհրաժեշտութիւն մը կայ, ապա ատիկա պէտք է կատարէ Պաքուն եւ ոչ թէ Ստեփանակերտը: Այլ հարց, թէ բարի կամեցողութեան ցուցադրման տարազը յստակօրէն բանաձեւուած ու կողմերուն ներկայացուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կողմէ եւ որդեգրուած է Հայաստանի ու Ազրպէյճանի կողմէ, սակայն վերջինս մինչեւ օրս չի ցուցաբերեր զայն:

Տուկինի այն կարծիքը, թէ ցեղասպանութեան զոհ դարձած եւ ռուս-թրքական դաւերու պատճառով իր անկախ պետութիւնը կորսնցուցած հայ ժողովուրդը իր տարածքներէն հինգը ռազմատենչ ու սպառնական յայտարարութիւններ կատարող, 1994-1995-ի զինադադարի համաձայնագիրը շարունակ խախտող եւ զէնքի ներածման բարձր համեմատութիւն ունեցող Ազրպէյճանին պէտք է յանձնէ, ցնորամտութի՞ւն է, թշնամա՞նք, թէ՞ երկուքը: Յամենայն դէպս, աւելի քան հեգնական է անոր կատարած այն մեղադրանքը, թէ Արեւմուտքը չի հասկնար շրջանի խնդիրները:

 

 


Հայ-Թրքական Դադրեցուած Արձանագրութիւնները Պէտք Է Դաս Ըլլան Հայաստանի Ղեկավարներուն

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Յարութ Սասունեան

Վերջապէս, Հայաստանի նախագահը անցեալ շաբաթ պաշտօնապէս չեղեալ յայտարարեց հայ-թրքական տխրահռչակ արձանագրութիւնները, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին: Նախագահ Սարգսեան 2009-էն ի վեր շարք մը յայտարարութիւններ ըրած էր` նախազգուշացնելով, որ արձանագրութիւնները դուրս պիտի բերէ Ազգային ժողովի օրակարգէն, եթէ Թուրքիա զանոնք չվաւերացնէ կարճ ժամանակի մէջ: Սերժ Սարգսեան նման նախազգուշացում մը վերջին անգամ ըրաւ նախորդ տարուան սեպտեմբերին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին, իր ելոյթին ընթացքին յայտարարելով, որ մինչեւ գարուն 2018 չեղեալ պիտի յայտարարէ արձանագրութիւնները:

Արձանագրութիւնները 10 հոկտեմբեր 2009-ին ստորագրած էին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն` Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ: Ստորագրութեան արարողութեան ներկայ էին նաեւ` Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ,  Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները եւ Եւրոպական միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Արձանագրութիւններու ծաւալուն գրութեան մէջ կոչ կ՛ըլլար բանալու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը, ինչպէս նաեւ` դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու երկու երկիրներուն միջեւ: Արձանագրութիւնները կը ներառէին նաեւ վերոյիշեալներուն  հետ առնչութիւն չունեցող բազմաթիւ այլ հարցեր, ինչպէս` գոյութիւն ունեցող հայ-թրքական սահմանի ճանաչում եւ պատմաբաններու յանձնախումբի կազմութիւն` երկու երկիրներու միջեւ առկայ խնդիրները ուսումնասիրելու, նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցը:

Ծանօթ է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ բողոքի մեծ ալիք բարձրացաւ արձանագրութիւններու ընդունման դէմ` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի բազմաթիւ համայնքներու մէջ: 10 հոկտեմբեր 2009-ի արձանագրութիւններու ստորագրութենէն կարճ ժամանակ անց, Սարգսեան համաշխարհային շրջագայութիւն մը սկսաւ դէպի Փարիզի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Պէյրութի եւ Տոնի Ռոսթովի հայկական համայնքներ` լսելու համար արձանագրութիւններու վերաբերեալ անոնց մտահոգութիւնները: Սակայն այդ հանդիպումներու ժամանակ անոր ելոյթներէն պարզ դարձաւ, որ ան մտադիր էր ընթացք տալու արձանագրութիւններուն, եւ շրջագայութեան նպատակն էր համոզել սփիւռքահայերը` հրաժարելու իրենց առարկութիւններէն: Երկրէն դուրս կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին Սարգսեան դիմաւորուեցաւ կատաղի ցոյցերով եւ առճակատումներով, որոնք ձախողութեան մատնեցին անոր քարոզչական շրջագայութիւնը:

4 հոկտեմբեր  2009-ին, Լոս Անճելըս կատարած այցի ժամանակ նախագահը հանդիպեցաւ հայկական 60 կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ, որոնց ճնշող մեծամասնութիւնը կը քննադատէր սպասուող արձանագրութիւնները, մինչ հազարաւոր հայեր բողոքի ցոյց կ՛ընէին այն պանդոկին դուրսը, ուր տեղի կ՛ունենար  հանդիպումը:

Այդ հանդիպման ժամանակ ես իմ ելոյթիս մէջ զգուշացուցի Սերժ Սարգսեանը, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ առարկելով  արձանագրութիւններու դէմ` կրնայ արգելափակել Թուրքիոյ կողմէ անոնց վաւերացումը: Ծիծաղելի է, որ նման արդիւնք մը պիտի նշանակէր, որ ոչ թէ Հայաստանի, այլ Ազրպէյճանի նախագահը ակամայօրէն կը պաշտպանէ Հայաստանի շահերը:

Բազմաթիւ հայերու համար, թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Հայաստանէն դուրս, պարզ էր, որ Թուրքիա բնաւ մտադրութիւն չունէր բանալու Հայաստանի հետ  ընդհանուր սահմանը: Արձանագրութիւնները թրքական կողմի խորամանկ քայլն էին` ճնշելու համար Հայաստանի վրայ, որպէսզի վերջինս Արցախի հարցով տարածքային զիջումներ ընէ Ազրպէյճանի:

Իրականութեան մէջ 2009-ի ստորագրութեան արարողութիւնը յետաձգուեցաւ քանի մը  ժամով, երբ յայտնի դարձաւ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր ելոյթին մէջ կը պատրաստուէր արձանագրութիւններուն կապել անոնց հետ առնչութիւն չունեցող ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցը: Միայն վերջին պահուն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի միջամտութեամբ կարելի եղաւ ժամանակաւորապէս լուծել վէճը, եւ երկու կողմերը անցան արձանագրութիւններու ստորագրութեան:

Այսուամենայնիւ, ստորագրութեան արարողութեան յաջորդող տարիներուն թուրք ղեկավարները անընդհատ հանդէս կու գային յայտարարութիւններով, ըստ որոնց, իրենք մտադրութիւն չունէին վաւերացնելու արձանագրութիւնները, եթէ Հայաստան զիջումներ չընէր Ղարաբաղի հարցով: Իրօք, Ազրպէյճան վճռականօրէն բողոքած էր արձանագրութիւններու ստորագրութեան դէմ եւ զգուշացուցած Թուրքիան` չվաւերացնելու զանոնք: Ազրպէյճան մտադիր էր ճնշում գործադրելու Հայաստանի վրայ, որպէսզի այս վերջինս տարածքային զիջումներ ընէ Ղարաբաղի մէջ` փակ պահելով Թուրքիոյ հետ Հայաստանի սահմանը:

Հայաստանի ղեկավարները թոյլ տուին, որ օտար երկիրներու մեծ տէրութիւններ ճնշում գործադրեն իրենց վրայ` կայացնելու որոշում մը, որ կը հակասէր հայ ժողովուրդի շահերուն: Հասկնալի է, որ Հայաստան, իբրեւ փոքր պետութիւն, չի կրնար գործել աւելի մեծ ու հզօր իր թուրք դրացիին պէս, որ շատ անգամ կ՛անտեսէ միջազգային հանրութեան փափաքները: Այսուհանդերձ, Հայաստանի ղեկավարները կրնային առնուազն ջանքեր գործադրել օտարերկրեայ միջամտութիւնը նուազագոյնի իջեցնելու համար:

Մէկ այլ դաս, որ Հայաստանի ղեկավարները պէտք է քաղեն արձանագրութիւններու խայտառակ ջախջախումէն, այն է, որ նախքան նախաձեռնութիւնները, որոնք կ՛ազդեն համայն հայութեան շահերու վրայ, անոնք պէտք է որ լուրջ խորհրդակցութիւններ կատարեն, որպէսզի համոզուին, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայերու մեծամասնութիւնը համակարծիք է իրենց որոշումներուն: Բնականաբար, Հայաստանի սահմաններուն մէջ ապրողներուն վերաբերող ներքին խնդիրները իրենց որոշումներն են, այնուամենայնիւ, բոլոր այն հարցերը, որոնք կը վերաբերին բոլոր հայերուն, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութիւնը, Հայաստանի տարածքային պահանջները Թուրքիոյ եւ արցախեան հիմնահարցի վերջնական կարգաւորումը, լուրջ հիմնախնդիրներ են համայն հայութեան համար: Մինչ այս ուղղութեամբ որեւէ փաստաթուղթ ստորագրելը` Հայաստանի ղեկավարութիւնը պէտք է համոզուած ըլլայ, որ հայ ժողովուրդին մեծ մասը համաձայն է իրեն: Այլապէս, մենք ականատես կ՛ըլլանք տգեղ առճակատման կրկնութեան` Հայաստանի իշխանութիւններու հետ, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:

Ես այս մտահոգութիւնները բարձրացուցի ի պատասխան Սարգսեանի վերջին շաբթուան երկու յայտարարութիւններուն.

1) «Երբ սկսանք բանակցային գործընթացը, մենք, բնականաբար, կը կանխատեսէինք երկու արդիւնք` դրական կամ բացասական»:

2) «Եթէ վաղը կամ յաջորդ օրը առաջարկներ ստանանք, մենք պատրաստ կ՛ըլլանք քննարկելու զանոնք»:

Նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստանի ղեկավարները չեն ընդունիր իրենց սխալ մօտեցումը հայ-թրքական հարցերուն գծով: Ճիշդ չէ, որ Հայաստան ոչինչ կը կորսնցնէ: Թուրքիա հմտօրէն օգտագործեց արձանագրութիւնները` ապահովելու համար այն, որ օտարերկրեայ պետութիւնները չեն միջամտեր Հայոց ցեղասպանութեան հարցին: Իրականութեան մէջ նախագահ Օպամա եւս շահարկեց արձանագրութիւնները` խուսափելով Հայոց ցեղասպանութիւն եզրոյթը օգտագործելէ իր` 2009 թուականի ապրիլ 24-եան յայտարարութեան մէջ եւ յաջորդ եօթը տարիներու ընթացքին:

Աւելի՛ն. Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստան հակուած է կրկնելու նոյն սխալը: Տարիներ շարունակ ան կը յայտարարէր, որ Հայաստան պատրաստ է վաւերացնելու արձանագրութիւնները նոյն օրը, որ Թուրքիա վաւերացնէ զանոնք: Բարեբախտաբար Թուրքիա երբեք չվաւերացուց արձանագրութիւնները` թոյլ չտալով Հայաստանի գործելու իր իսկ սեփական, ազգային շահերուն դէմ…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նուէրը Իր Մօր

$
0
0

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Մայիսի վերջերն էր. հանդարտ էր Փարիզի Հայ ուսանողներուն տունը. դպրոցական տարեշրջանի ամավերջին քննութիւնները  սկսած էին արդէն: Կէսօրէ ետք մը առանձնացած էի սենեակս եւ կ՛աշխատէի, երբ յանկարծ դուռս զարնուեցաւ. բացի դուռը եւ դիմացս կանգնած տեսայ  քսան տարեկանի մօտ գեղեցիկ աղջիկ մը` բարձրահասակ, նիհարակազմ, սեւ մազերով եւ կապոյտ աչքերով:

Որոշ շեշտ մը պարունակող ֆրանսերէնով ըսաւ.

– Դուք Վարուժան Տեմիրճեա՞նն էք:

– Այո՛,-  պատասխանեցի, ապա  հարցուց.

– Կրնա՞մ ներս մտնել:

–  Հրամեցէ՛ք,-  ըսի:

Մտաւ սենեակ, գոցեց դուռը եւ նստաւ գրասեղանին քովի աթոռին վրայ. ձեռքի բաւական մեծ պայուսակը զետեղեց սեղանին վրայ: Ես ալ նստայ դիմացը` քիչ մը զարմացած. անհամբեր էի գիտնալու, թէ ո՛վ է այս օրիորդը եւ ինչո՞ւ եկած է: Սպասումս երկար չտեւեց. անմիջապէս ըսաւ.

– Անունս Սեդա Պըրպեք է, ես շուէտացի եմ, մայրս հայ է. այս տարի Սորպոն արձանագրուած եմ ու կը հետեւիմ Կեդրոնական Ամերիկայի մայաներու  հին քաղաքակրթութեան ուսումնասիրութեան: Ամառը, երկու ամիսէն, Սթոքհոլմ պիտի վերադառնամ եւ  կը փափաքիմ մօրս նուէր մը տանիլ. կ՛ուզէի, որ այդ նուէրը ըլլայ  հայերէն սորվիլ, որպէսզի կարենամ հետը  հայերէն խօսիլ: Վստահ եմ` մայրս պիտի զարմանայ եւ չափազանց պիտի ուրախանայ, երբ տեսնէ, որ ես հետը հայերէն կը խօսիմ:

– Սքանչելի գաղափար է եւ մեծապէս քաջալերելի,- ըսի:

Ան անմիջապէս աւելցուց.

– Դուք պիտի դասաւանդէք ինծի հայերէն:

Յանկարծակիի եկած  եւ զարմացած` ըսի.

– Ե՞ս.  ես երբեք հայերէն չեմ դասաւանդած:

– Հարց  չէ, ինծի ըսին, որ դուք միակն էք այս շէնքին մէջ, որ կրնաք հայերէն դասաւանդել:

– Կը զարմանամ,- ըսի եւ աւելցուցի,-  եւ հիմա քննութիւններու շրջան է, ես շատ զբաղած պիտի ըլլամ:

– Շաբաթը երկու կամ երեք անգամ ժամ մը տեւող  զբաղում մը  չեմ կարծեր, որ ձեր աշխատանքներուն  դժուարութիւն պատճառէ:

Դժուար էր այլեւս մերժել հայերէն սորվելու  զօրաւոր փափաք ունեցող այս կէս հայ եւ սիրուն աղջկան. բան մը, որ հազուադէպ էր: Հաւանութիւնս յայտնեցի եւ ապա ըսի.

–  Եր՞բ կրնանք սկսիլ:

– Բան մը եւս կ՛ուզեմ ըսել, ես չեմ կրնար վճարել այդ դասերուն համար:

Բնաւ միտքէս չէր անցած վճարումի հարցը. պատասխանեցի.

–  Այդ մէկը խնդիր չէ, մի՛ մտահոգուիք:

Ան շարունակեց.

– Հիմա իսկ կրնանք սկսիլ.

– Մեզի դասագիրք  պէտք է, որպէսզի ուղղութիւն մը ունենանք. ես այդ տեսակի ոչինչ ունիմ:

Պայուսակէն անմիջապէս հանեց գրքոյկ մը.  եթէ չեմ սխալիր` «Հայերէնի դասագիրք» անունով,  հեղինակը`  Մկրտիչ Պարսումեան, փարիզահայ յառաջացած տարիքի յարգուած մտաւորական դէմք մը,  զոր ճանչցած էի. ան յիսունական թուականներուն սկիզբները կազմած էր Համազգային միութեան Փարիզի մասնաճիւղը, եւ որուն վարչութեան ատենապետն էր:

Բացինք գիրքը եւ սկսանք առաջին դասը: Գիրքի առաջին էջին վրայ, վերը, առաջին տողին ճիշդ մէջտեղը, մեծցուած չափով կ՛երեւէր «Ա» տառը, յաջորդ տողերուն վրայ հայերէն միւս գիրերը`

աստիճանաբար փոքրանալով: Էջին ամէնէն վարի տողին մէջ կային երեք տառերով հայերէն բառեր: Ուզեցի այդ բառերը ֆրանսերէնի թարգմանել: Տողին առաջին բառը «բալ»  էր, որ նոյն ատեն գիրքին առաջին բառը կ՛ըլլար: Գիտէի, որ պտուղ մըն է, սակայն չէի գիտեր` ճիշդ ի՛նչ պտուղ է. ոչ  հպարտօրէն  ըսի.

– Այս բառը` «բալ», ինծի  ծանօթ չէ. գիտեմ միայն, որ պտուղ մըն է կեռասի նման եւ անոր ֆրանսերէնը  չեմ գիտեր: Ըսած էի ձեզի, որ ես երբեք հայերէն չեմ դասաւանդած,  որովհետեւ հայերէնս բաւարար չէ դասաւանդելու. այս ամէնէն տարրական գիրքին առաջին էջին առաջին բառն իսկ անծանօթ է  ինծի:

– Ոչի՛նչ, շարունակենք մեր դասընթացքը,- ըսաւ:

Չեմ գիտեր` որքան լուրջի առաւ ըսածս: Մեր դասերը շարունակեցինք մինչեւ  յուլիսի կէսերը, երբ  օր մը  դասի վերջաւորութեան յայտնեց, որ դասընթացքը այսօր պէտք է որ աւարտենք, որովհետեւ յաջորդ օրը Սթոքհոլմ պիտի մեկնի: Իրարու ձեռք սեղմեցինք, ցտեսութիւն ըսինք իրարու, եւ ան մեկնեցաւ:

Անշուշտ քիչ մը յանկարծակի էր այս աւարտը, սակայն ինչ  որ  աւելի զարմացուց զիս,  անոր շնորհակալութիւն չյայտնելն էր: Անհասկնալի էր ինծի համար այս երեւոյթը, հակառակ որ շատ կիրթ ու քաղաքավար անձ մը կ՛երեւէր եւ զանազան առիթներով անուղղակիօրէն հասկցուցած էր, որ  գոհ է դասերէն:

Դասընթացքի ամբողջ տեւողութեան մեր յարաբերութիւնները եղան միշտ պաշտօնական. իրարու հետ կը խօսէինք յոգնակի դէմքով  եւ դասէն դուրս տարբեր նիւթերու մասին չէինք զրուցեր. Բնաւ հարցում չեմ ըրած իրեն եւ ոչ ալ ինքը` ինծի: Միայն իմացայ, որ մայրը Շուէտ եկած է  Ռուսիայէն եւ մասնագիտութեամբ օփերայի երգիչ է: Առիթով մըն ալ իմացայ, որ Սեդան մօրը միակ զաւակն է. անգամ մը դասէն ետք Փարիզի շրջաններէն մէկը պիտի երթայի սքութերովս, ինքն ալ այդ կողմերը պիտի երթար. առաջարկեցի հասցնել զինք, ընդունեց եւ նստաւ սքութերին ետեւը: Արագօրէն կը քշէի դանդաղ յառաջացող ինքնաշարժներուն մէջէն` անցնելով աջէն ձախ, ձախէն աջ. սարսափած փաթթուած մէջքիս` ըսաւ. «Գիտէ՞ք, ես մօրս միակ զաւակն եմ»:  Շարունակեցի քշել այնուհետեւ հանդարտօրէն:

Սեդային մեկնելէն քանի մը շաբաթ ետք փոստով ստացայ իրմէ ֆրանսերէն լեզուով գեղեցիկ գիրք մը` Սկանտինավիոյ չորս երկիրներուն մասին, որոնցմէ  մէկը Շուէտն է: Գիրքը մակագրուած էր ֆրանսերէնով «Վարուժան Տեմիրճեանին, հայերէնի փրոֆեսէօր: Նորէն շնորհակալութեան ոչ մէկ խօսք: Մի՞թէ կը մտածէր, որ ամէն հայու պարտաւորութիւնն է խօսիլ հայերէն, պահպանել լեզուն եւ տարածել, որուն համար շնորհակալութիւն յայտելու կարիքը չկայ:

Այդ գիրքը տակաւին պահած եմ գրադարանիս մէջ. ամէն անգամ որ աչքս հանդիպի  գիրքին, կը վերյիշեմ աւելի քան վաթսուն տարի առաջ տեղի ունեցած այդ դրուագը, եւ նոյն հարցը կը ծագի,  թէ ի՞նչ չափով Սեդան կրցաւ ուրախացնել իր մայրը:

 

 

Վասն Ուսումի Եւ Կրօնի

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Քանի տարեկան ըլլալս չեմ յիշեր, հաւանաբար` 7 կամ 8: Տակաւին Էշրեֆիէ կը բնակէինք, ու կը յաճախէի Ղազար Չարըգին դպրոցը, որ տակաւին բարերարի մը անունը չէր կրեր եւ ճանչցուած էր յայտնի կուսակցական գործիչ, մտաւորական, տնօրէն Ղազար Չարըգին անունով (hետագային «Եփրեմեան», իսկ աւելի ուշ` «Չաթալպաշեան»):

Եկեղեցին տակաւին թիթեղաշէն էր: Չեմ յիշեր` ո՛ր սուրբին անունը կը կրէր: Վստահաբար` ո՛չ տէր հօր անունը, թէեւ ան սուրբի մը բարութեամբ, նուիրեալ կղերական մըն էր:

Տարիներ ետք նուիրեալ ազգայինի մը նուիրատուութեամբ եկեղեցին դարձաւ քարաշէն եւ բարերարին անունով կոչուեցաւ «Սուրբ Յակոբ»:

«Ղազար Չարըգ» յաճախած վերջին տարիս էր: Խումբ մը հայ գործաւորներ սկսան քանդել եկեղեցին, իսկ մենք` փոքրերս, զարմանքով կը դիտէինք այդ «ահռելի» տեսարանը: Լսած էինք, որ թուրքը կը քանդէ հայոց եկեղեցիները, սակայն չէինք կրնար երեւակայել հայ եկեղեցիի մը հայերու ձեռքով քանդուիլը: Անշուշտ աւելի ուշ մեզի տեղեկացուցին պատճառը: Անհամբեր էինք տեսնելու նոր, քարաշէն եկեղեցին, սակայն նախքան աւարտի եկեղեցիին կառուցումը` ծնողներս տարին զիս «մեծ դպրոց» մը. սկսայ յաճախել «Ն. Փալանճեան» ճեմարան:

Երկրորդ դասարանի աշակերտ էի:

* * *

«Ղազար Չարըգ» դպրոցին բակը, ամէն առաւօտ, նախքան մուտք գործէինք դասարան, պարտադիր մեզի կը խմցնէին դգալ մը ձկան իւղ, որմէ անմիջապէս ետք կը ստանայինք նարինջի կտոր մը, որ պիտի չէզոքացնէր մեր բերանին անախորժ համն ու հոտը:

Ձկան իւղի եւ նարինջի արարողութեան կը յաջորդէր եղունգներու մաքրութեան ստուգումը: Ճերմակ, մաքուր թաշկինակ մը կը զետեղէինք մեր երկու ձեռքերուն 8 մատներուն եւ 2 բութամատերուն միջեւ: Ուսուցիչներէն մէկը քննելէ ետք 8 մատներու եղունգներուն մաքրութիւնը, մեր  ձեռքերը հակառակ կողմը դարձնել կու տար եւ կը ստուգէր նաեւ 2 բութամատերու եղունգները եւ թաշկինակին մաքրութիւնը: Այդ տարիներուն թուղթէ թաշկինակէն գաղափար չունէինք եւ պարտադիր էր,  որ հետերնիս ունենայինք մաքուր թաշկինակ մը:

Առողջական եւ մաքրութեան «քննութենէն» ետք խմբովին կ՛երգէինք «Հայր Մեր»-ը, ապա հոգեպէս եւ մարմնապէս «մաքուր»` կը բարձրանայինք մեր դասարանները:

Կիրակիները, պատարագին ներկայ գտնուիլ, դպրաց դասին մաս կազմել ու «շապիկ» հագուիլը պարտադիր էին: Դպրապետը մեր հայերէնի ուսուցիչ Յակոբ Սարգիսեանն էր: Դասարանը այնքան ալ խիստ չէր, սակայն չէինք համարձակեր փախուստ տալ կիրակիներու մեր դպրութեան պարտականութենէն: Քանի մը ուսուցիչներու նման` անկարգներուն կամ դասը լաւ չպատրաստողներուն համար գաւազանի օգնութեան չէր դիմեր: Այդ տարիներուն բնական երեւոյթ էր ծեծը: Ափերնիս կը բանայինք եւ նայած յանցանքի ծանրութեան` 5 կամ 10 գաւազանի հարուածներ կը ստանայինք:

Մանկութեանս խելօք աշակերտ եղած եմ: Դասերս օրը օրին կը պատրաստէի, եւ գաւազանի հարուածներու «արժանանալս» շատ հազուադէպ էր:

Տուներնիս դպրոցէն եւ եկեղեցիէն բաւական հեռու էր. քալելով կ՛երթայինք դպրոց եւ ստիպուած էինք ամէն առաւօտ կանուխ արթննալ: Բաւական ճամբայ ունէինք կտրելիք: Կիրակին միակ օրն էր, որ կը փափաքէինք քիչ մը աւելի ուշ արթննալ, սակայն այդ օր պատարագին ներկայ գտնուիլը պարտադիր ըլլալուն` քանի մը ժամ աւելի երկար քնանալու հաճոյքէն կը զրկուէինք եւ կ՛ուղղուէինք եկեղեցի, ուր կը հասնէինք նախքան պատարագին սկսիլը:

Անհամբեր կը սպասէինք տէր հօր քարոզին, որպէսզի գետնի գորգին վրայ նստելով` հանգստացնէինք մեր յոգնած ոտքերը: Ստիպուած էինք ուշի-ուշով հետեւիլ քարոզին: Դպիրներուն  ներկայութիւնը չէր ստուգուեր, սակայն դպրապետին աչքէն բան չէր փախչեր: Շատ լաւ գիտէր, թէ ո՛վ ներկայ էր եւ ո՛վ` բացակայ: Երկուշաբթի օրերը եկեղեցիէն բացակայած աշակերտները կը համտեսէին գաւազանի քանի մը հարուած:

Ամէն երկուշաբթի կիրակիի քարոզին «քննութենէն» կ՛անցնէինք: Տէր հօր արտասանած քարոզի մասին դպրապետին հարցումներուն  ճշգրիտ չպատասխանողները նոյնպէս կ՛արժանանային Յակոբին գաւազաններուն: Ի՞նչ էր քարոզին նիւթը: Տէր հայրը ո՞ր մարգարէին մասին խօսեցաւ այդ օր: Ի՞նչ տօն էր այդ կիրակի:

* * *

Անհամբեր կը սպասէինք Ծաղկազարդին, որուն կը յաջորդէին Աւագ շաբաթը, Զատիկը եւ երկար արձակուրդը:

Աւագ շաբթուան ընթացքին, բացի կիրակի օրերու պատարագներէն, ամէն երեկոյ ստիպուած էինք յաճախել եկեղեցի եւ ներկայ գտնուիլ ժամերգութիւններուն:

Մասնաւոր տպաւորութիւն գործած  է վրաս դռնբացէքի արարողութիւնը:

Ամէն տարի կնքահայր կը նշանակուի փոքրիկ երեխայ մը, որպէսզի բանայ 40 օր փակ մնացած եկեղեցւոյ խորանին վարագոյրը:

Զարմանքս մեծ եղաւ, երբ տարի մը ժամկոչը ձեռքէս բռնելով` զիս առաջնորդեց դէպի խորան,  որպէսզի բանամ վարագոյրը:

«Բա՛ց, բա՛ց», գրեթէ պոռալով հրամայեց, երբ շուարած աջ ու ձախ կը նայէի, անտեղեակ, թէ ի՛նչ կ’անցնի կը դառնայ:

Ծնողքս նիւթական կարողութիւն չունէին նուիրատուութեամբ մը կնքահայրութեան դիմելու, սակայն այդ օր նշանակուած փոքրիկ կնքահայրը անորոշ պատճառներով չէր կրցած ներկայ գտնուիլ, իսկ ես, որ այդ վայրկեանին խորանին ամենամօտը կը գտնուէի, այդ տարուան կնքահայրութեան բախտը վիճակուեցաւ ինծի, եւ բացի խորանին վարագոյրը:

Հաւատացեալ ծնողներս երջանիկ էին:

Աւագ հինգշաբթի` ոտնլուայ եւ խաւարում: Մինչեւ ուշ գիշեր, կէս քուն, կէս արթուն ներկայ կ՛ըլլայինք այդ յուզիչ ժամերգութեան: Իւրաքանչիւր աւետարանի ընթերցումին հանգոյց մը կ՛աւելցնէինք մեր ձեռքի դերձաններուն, իսկ աւելի ուշ` «Ո՞ւր ես, մա՛յր իմ»:

Ներկաներէն շատեր իրենց աչքերու արցունքները կը սրբէին: Յիսուս Քրիստոս իր չարչարանքներուն ժամանակ կը դիմէ իր մօրը` Մարիամ Աստուածածնին:

«Ո՞ւր ես… մա՛յր իմ»:

Աւագ ուրբաթ` թաղման արարողութիւն:

Յիսուսի դագաղին տակէն անցնիլը «հաճելի» խաղի մը վերածուած էր փոքրերուս համար: Չեմ յիշեր` քանի՛ անգամ կ՛անցնէինք դագաղին տակէն: Հաւանաբար` մինչեւ դպրապետին նշմարելն ու մեզ եկեղեցիէն դուրս հանելը:

* * *

Յաջորդող տարիներուն, երբ սկսայ ճեմարան յաճախել, կիրակի առաւօտները կանուխ արթննալու պարտադրանքին տակ չէի գտնուեր: Տարին միայն մէկ անգամ, միջինքի օրը, չորեքշաբթի, մեզ քալելով կը տանէին «Սուրբ Նշան» եկեղեցի, որուն համար ոչ միայն չէինք գանգատեր, այլ կ՛ուրախանայինք: Քանի մը դասապահէ ինքնաբերաբար ազատած ըլլալու երջանկութիւնը կը վայելէինք:

Ճեմարան ո՛չ ձկան իւղ խմելու եւ ո՛չ ալ եղունգներու մաքրութեան քննութենէ կ՛անցնէինք, սակայն ամէն առաւօտ, նախքան մեր դասարանները ուղղուիլը, «Հայր Մեր»-ով, կամ «Առաւօտ լուսոյ»-ով կը սկսէր մեր օրը:

Կիրակի օրերը սուրբ պատարագի ներկայ գտնուելու սովորութիւնս ինքնաբերաբար մոռցուեցաւ, սակայն տօնական օրերուն, ծնողքիս ընկերակցութեամբ, ներկայ կ՛ըլլայինք պատարագին: Ճիգ չէի թափեր օրուան պատարագիչ տէր հօր կամ բարձրաստիճան կղերականին քարոզները ուշադրութեամբ ունկնդրելու: Յաջորդ օրը ոչ ոք պիտի հարցնէր, թէ ո՛ր մարգարէին մասին էր այդ օրուան քարոզը:

* * *

«Շատ տարիներ ահա անցան,
Մանկութեան օրեր… երազ դարձան»  (Պ.Շ)

Արդէն իսկ հասուն երիտասարդ եմ: Նետուած եմ կեանքի ասպարէզ:

«Ղազար Չարըգ»-ին դպրոցը իր բարերարին անունով կը կոչուի «Չաթալպաշեան»: Եկեղեցին քարաշէն է եւ կը կոչուի «Սուրբ Յակոբ»: Ճերմակ մօրուքով ծերունի տէր հայրը հեռացած է այս աշխարհէն: Իրեն փոխարինած է սեւ մօրուքով երիտասարդ քահանայ մը:

Լիբանանի ոսկի տարիները կը վայելենք: Երջանիկ տարիներ, երբ անսպասելիօրէն վրայ կը հասնի Լիբանանի քաղաքացիական աւերիչ պատերազմը:

Բազմահազար լիբանանահայերու նման ես ալ իմ կարգիս կը բռնեմ  գաղթի ճամբան եւ կը հաստատուիմ երկրագունդին հակառակ կողմը:

Մեր քով ցերեկ է, ծննդավայրս` գիշեր: Հոն արդէն իսկ երկուշաբթի է, մեր քով` տակաւին կիրակի:

Ծաղկազարդի կիրակի:

Ընտանիքով եւ հարազատներով գացած ենք եկեղեցի: Մեծ թիւով փոքրիկներ, ձեռքերնին` իրենց հասակին մեծութեամբ մոմեր, կը մասնակցին Ծաղկազարդի թափօրին, որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ դռնբացէքի արարողութիւնը:

Այս տարուան եկեղեցւոյ վարագոյրը բացող «կնքահայրը» եղբօրս թոռնիկն է: Միեւնոյն տեսարանը: Նոյն տարիքն էի, երբ տարիներ առաջ բացի թիթեղաշէն եկեղեցւոյ խորանին վարագոյրը:

Ինծի պէս շուարած չէր: Պատրաստուած էր եւ համարձակօրէն կը բանար վարագոյրը:

Սուրբ Զատիկ:

Աւելի քան 60 տարիներ անցած են:

Լոս Անճելըսի Սրբոց Նահատակաց շքեղ եկեղեցին սկսած է նեղ գալ` ընդունելու բազմահարիւր  հաւատացեալները, եւ տօնական օրերուն «Ֆերահեան» վարժարանի «Աւետիսեան» մարզադաշտը կը գործածուի որպէս եկեղեցի, իսկ դպրոցի եւ եկեղեցւոյ շրջափակը տօնական օրերուն այնքա՜ն կը յիշեցնէ Անթիլիասի մայրավանքը, ուր մինչեւ օրս բազմահազար հաւատացեալներ իրարու կ՛աւետեն Յիսուսի յարութեան տօնը:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:
Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի:

Լոս Անճելըս, 2018

 

Խմբագրական. Հին Աշխատանք, Նոր Մօտեցում

$
0
0

ՀՅԴ տեղեկատուական դաշտի պատասխանատուներու խորհրդաժողովը, որոշ ընդհատումէ ետք վերստին համախմբեց այս ոլորտին մէջ գործող Դաշնակցութեան աշխարհատարած կառոյցի ներկայացուցիչները:

Այս դաշտի վերաձեւաւորման աշխատանքներուն մէջ կար հիմնական նորութիւն: Վերջերս նշանակուած ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու մարմինն ու հանրային կապերու գրասենեակը կը յուշեն, որ այս մարզը վերակազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը նոր աշխատաոճով ծրագիրներ իրականացնելու հրամայականը կ՛ընդգծէ: Մարմինին ու գրասենեակին առընթեր կը նշանակուին նաեւ իւրաքանչիւր կազմակերպական շրջանի մէջ գործող հանրային կապի պատասխանատուներ:

Այս համակարգը իր տեսակով, ծրագրային բովանդակութեամբ եւ աշխատաոճով նոր մշակոյթ կ՛ապահովէ կուսակցական գործունէութեան իրազեկման առաջադրանքներուն:

Փաստօրէն ամիսներէ ի վեր նախապատրաստուող Հանրային կապերու համակարգի գործունէութեան ռազմավարութիւնը, կառուցակարգը, մարմին-գրասենեակ յարաբերութիւններու, իրաւասութիւններու ճշդումը եւ մանաւանդ նոր նշանակուող հանրային կապերու պատասխանատուներու միջեւ ցանցային աշխատելաեղանակի հետ կապուած խնդիրները օրակարգային կէտեր էին Երեւանի մէջ երեք օր տեւած խորհրդաժողովի քննարկումներուն:

Այսպիսով, լուսարձակի տակ եկող ցանցայնութիւնը կը ներառէ ՀՅԴ զանգուածային լրատուամիջոցներու` տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլ, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի կայաններ, ընկերային ցանցերով դրսեւորուող պաշտօնական էջեր եւ հանրային կապերու պատասխանատուներ:

Այս բոլորի գոյքագրման եւ վիճակագրական արդիւնքներու ձեռքբերման փորձը անպայման շատ տպաւորիչ թիւերու հանրագումար մը կը ներկայացնէ: Այս բոլորի հասանելիութեան լսարանային համրանքները անդրադառնալ կու տան, որ Դաշնակցութեան խօսափողները ի՛նչ տեսակ  եւ համրանքային առումով ի՛նչ տպաւորիչ զանգուածներու կը հասնին: Հանրագումարը անպայման հարիւր հազարական թիւերով նոր մրցանիշներ կը գրանցէ, եթէ այս բոլորին վրայ աւելնան նաեւ ՀՅԴ ուսանողական ու  երիտասարդական ելեկտրոնային էջերը եւ անոնց աշխուժ շրջագայութեամբ ապահոված թիւերը:

Համեմատելով նախորդներուն հետ, եթէ յատկապէս դասական մամուլի խմբագիրները այդ խորհրդաժողովներուն առաւելաբար կը կեդրոնանային գաղափարական այն հարցերուն վրայ, որոնց ուղղութեամբ հանրային ակնկալութիւն գոյութիւն ունէր լուսաբանելու, մեկնաբանելու եւ վերլուծելու, ապա այժմ նոյնքան շեշտակի կարեւորութեամբ կ՛արծարծուին արհեստագիտական եւ մեթոտաբանական խնդիրները:

Այսօրուան բաց համակարգը եւ գաղափարական լրատուամիջոցը շատ յաճախ կը բախին մէկ կողմէ նոր ու զանգուածայնացուող օրինաչափութիւններով, միւս կողմէ գաղափարական դասական ընկալումներով: Այդ քննարկումներուն ընթացքին անդրադառնալու համար նաեւ այն իրողութեան, որ այսօր պաշտօնաթերթ հասկացողութիւնը ստացած է ժամանակավրէպ յղացք յատկապէս մերօրեայ ամէն ինչ քննարկելի դարձնող եւ անհատակեդրոն այլընտրանքային լրատուամիջոցի բերած արդիւնքին դիմաց` կայծակնային արտադրութիւններու համապատկերին մէջ:

Կը բախին նաեւ մէկ կողմէ կուսակցութեան գործունէութեան հրապարակային քննարկման-քննադատութեան աւանդական ընկալումներն ու միւս կողմէ այսօրուան համակարգին քաջալերած հաւնելու (կամ չհաւնելու), բաժնելու եւ տեսակէտ յայտնելու դրութիւններով ինքնադրսեւորման համատարած երեւոյթները:

Տեղեկատուական նոր փիլիսոփայութեան հետ հաշուի նստելու պահ էր նաեւ այս խորհրդաժողովը: Ելեկտրոնային անկարգ դաշտի մը հետ մեր գաղափարականութիւնն ու կուսակցականութիւնը հաշտեցնելու փորձերու քննարկում, որ յամենայն դէպս առիթ տուաւ խորհրդաժողովի առողջ բանավէճերու, ազատ մտածողութեամբ փակագիծերու բացման, տեսակէտներու բախման, բայց մանաւանդ եւ ի վերջոյ այդ բոլորի ճիշդ, գաղափարական նորարարութիւն ապահովող բանաձեւումներու եզրայանգումին:

Այս հիմնաւորումներով ալ կը բացատրուի «հին աշխատանք, նոր մօտեցում» բանաձեւը, որ այլ բան չէ, եթէ ոչ կուսակցութեան գործունէութեան լուսաբանումն ու վերլուծումը գաղափարական առանցքով եւ նորարար ոճով հանրայնացնելու առաջադրանքը:

Խմբագրական. Ստեփանակերտի Ընկալելիութիւնը Ուաշինկթընի Մէջ

$
0
0

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խօսքը ուղղուած Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանականներուն (ծերակուտականներ եւ Ներկայացուցչական տան անդամներ) կարեւորագոյն ուղերձներ կը փոխանցէ` հակամարտութեան էութեան լուսաբանման, Պաքուի կողմէ որդեգրուած եւ հետեւողականօրէն կիրարկուած արցախահայութեան ոչնչացման քաղաքականութեան, արցախահայութեան դիմադրութեան, ինքնապաշտպանութեան եւ պետականութիւն կերտելու ազգային, քաղաքական եւ իրաւական հիմնաւորումներուն եւ այս բոլորին նկատմամբ կայացած համահայկական միասնութեան մասին։

Այս բոլոր հիմնադրոյթներուն ներկայացման ընթացքին օգտագործուած են միջավայրի կողմէ դիւրին ըմբռնելի թեմաներ, խնդիրներու արծարծման առանցքներ, համապաատասխան եզրաբանութիւն, որոնք այս պարագային ամերիկեան քաղաքական միջավայրին մէջ գտած են ճիշդ ընկալելիութիւն։

Յիշեցումը, որ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր թեւը առաջիններէն էր, որ քուէարկած է եւ ընդունած Սումկայիթն ու ազրպէյճանական ջարդարար քաղաքականութեան այլ դրսեւորումները դատապարտող փաստաթուղթեր, մէկ օրինակն է արցախեան եւ ամերիկեան դիրքորոշումներըու համատեղելիութիւնը շեշտելու առումով։ Քաղաքական հռետորութեան արուեստի օրինակները կը շարունակուին նախագահ Սահակեանի խօսքին մէջ, երբ կ՛ընդգծուի արցախեան կողմին կառչած ըլլալը երկխօսութեան, բանակցային գործընթացին, հետեւաբար նաեւ դիրքորոշումը` պատերազմի մերժումին եւ ուժի բացառումին։ Ազրպէյճանի ներկայացումը իբրեւ հայութիւնը բնաջնջելու առաջադրանք ճշդած ահաբեկչական պետութիւն եւ իբրեւ այդպիսին տարածաշրջանին ու մարդկութեան սպառնացող երեւոյթ, կը կապուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ   հակաահաբեկչական միջազգային դաշինք ձեւաւորած ըլլալու իրողութեան։

Բայց` ամէնէն հիմնականը։ Նախագահ Սահակեան կ՛ընդգծէր Ուաշինկթընին միակ պետութիւնը ըլլալը, որ ֆինանսական օժանդակութիւն կը տրամադրէ Արցախին։ Որքան ալ հակափաստարկներ հնչեն, այնուամենայնիւ պաշտօնական Ստեփանակերտի եւ Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնողներու իրողական ճանաչումով կրնայ մեկնաբանուիլ երեւոյթը։

Նման մասնակի իրականութեան շեշտադրումն է նաեւ քաղաքային եւ նահանգային մակարդակներու վրայ սկսած Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումի շղթային գերակշռող մասը Միացեալ Նահանգները տեսնելու նախագահին պաշտօնական յայտարարութիւնը։ Այստեղ եւս որքան ալ առարկուի, որ ամերիկեան նահանգներու եւ քաղաքներու ճանաչումները միջազգային իրաւաչափական յարաբերութիւններուն վրայ որեւէ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ, այնուամենայնիւ պէտք է ընդունիլ, որ հիմնովին կը նպաստեն նախ ընդհանուր ճանաչելիութեան, ապա ամերիկացի նահանգային եւ քաղաքային պաշտօնատարներու, վաղուան ծերակուտականներու եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներու Ստեփանակերտ այցելութիւններուն։ Այս շղթան, իբրեւ որդեգրուած ռազմավարութեան շօշափելի գործնականացումներու շարք, անպայման Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումին նպաստող գործընթաց է։ Նախագահին համոզումով ալ Միացեալ Նահանգները այստեղ գերակշռող մաս ապահոված են։

Այդ պատճառով ալ լուրջ անհանգստութիւն կ՛ապրի Պաքուն, որ այս առիթով արտաքին գործոց նախարարութիւն կը կանչէ տեղւոյն ամերիկացի դեսպանը, բողոքի յուշագիր կ՛ուղարկէ Ուաշինկթըն կամ միջազգային հետախուզման դիմում կը կատարէ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուին դէմ։

Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու այցելութիւնները Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա թէ Ասւտրալիա կամ այլ քաղաքներ, ինչպէս նաեւ ամերիկացի թէ եւրոպացի կամ Աւստրալիոյ օրէնսդիրներու, նահանգային-քաղաքային բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ժամանումները Ստեփանակերտ, կ՛իրականանան քաղաքական ենթահողերու նախապատրաստութեամբ։ Այդ ենթահողերու ձեւաւորումներուն մէջ հիմնարար դեր ստանձնած են Հայ դատի գրասենեակները։

Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման գործընթացին մէջ տեսանելի այս տեղաշարժերը կարեւոր նախադրեալներ են, որոնք կրնան կտրուկ զարգացման միտումներ դրսեւորել, երբ Պաքուն եւ տուեալ պետութիւնը յայտնուին շահերու բախման կէտերու դիրքերուն վրայ: Այս պարագային յարաբերակցաբար Ուաշինկթընի։ Իսկ հաւանական այդ զարգացումներուն համար անհրաժեշտ են նախադրեալներ ձեւաւորող քաղաքական ենթահողերը։ Այդ ենթահողի պատրաստութեան մէջ կարեւոր ներդրում կարելի է դիտարկել Բակօ Սահակեանի այցելութիւնը Ուաշինկթըն։

 

Մի Տերսիմեան Պատմութիւն` «Եգիպտացորենի Խանձահոտը»

$
0
0

ԱՅՇԷ ԳԻՒՆԷՅ

Արդէն քառորդ դար բանտում գտնուած Նիպել Կենչի պատմուածքն իր տեղն է գտել գրադարակներում: «Եգիպտացորենի խանձահոտը» անունով վէպը ներկայացուել է ընթերցողների դատին : Այնտեղ ներկայացւում են «Վէպ չունեցած վէպի հերոս» Էզիմայի ու այծի բրդից պատրաստուած խուրջինից դուրս եկած իրերի մասին պատմութիւններ:

«Նօթապենէ» հրատարակչութեան կողմից տպագրուած «Եգիպտացորենի խանձահոտը» վերնագրով վէպը գրեթէ քառորդ դար բանտում գտնուած գրող Նիպել Կենչի առաջին ստեղծագործութիւնն է: Այն բաղկացած է 15  պատմուածքներից: Պատմութիւններից իւրաքանչիւրը կարելի է կարդալ թէ՛ որպէս առանձին պատմուածքներ եւ թէ՛ որպէս միասնական ստեղծագործութիւն. այն դառնում է շարունակական վէպ: Այծի բրդից պատրաստուած խուրջինից դուրս բերուած իրերի եւ այդ իրերին ձեռք տուած մարդկանց պատմութիւնները երբեմն վիպասան Էզիմայի, երբեմն էլ վէպի հերոս Էզիմայի աչքերով մատուցւում են ընթերցողներին: Չնայած գրողի առաջին վէպը լինելուն` գրքում օգտագործուած լեզուի պարզութիւնը քառորդ դար շարունակ ներսում կուտակուած զգացողութիւնների արտացոլման տեսանկիւնից եւ բեմագրութեան վերածուելու երեւակայական թեքնիքով` ընթերցողի մօտ առաջացնում է գրքում ճանապարհորդութեան դուրս գալու զգացողութիւն: Պատմութիւնները տեղի են ունենում Տէրսիմի Մէյման գիւղում: Նրանք Տէրսիմում ու Տէրսիմի 1938 թ. թերթելէի (այդպէս են տեղացիներն անուանում Տէրսիմի 1938 թ. կոտորածը – «Ակունք» խմբ.) ժամանակ տեղի ունեցած դէպքերը հասցնում են մեր օրեր: Կենչն ասում է. «Եթէ այս գրքին յաջողուի դիպչել Էզիմաներին, երեխաներին` հեքիաթներին հաւատալը անհնարին դարձնելու չափ ճնշող իրականութեան ազդեցութեան տակ ապրողներին, ապա այդ ժամանակ գիւղերը, յիշողութիւնները, նրանց կեանքը կործանող եգիպտացորենի խանձահոտը մեր քիմքն աւելի քիչ կ՛այրի»:

Քառորդ դար ներսում կուտակուածը ճանապարհ է բացում  վէպ գրելու համար

1972 թ. Մուշում ծնուած Կենչը քաղաքական պատճառներով Պոլսի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղի 3-րդ տարուց կիսատ է թողել ուսումը: 1955 թ. որպէս քաղբանտարկեալ ձերբակալուել է ու բանտարկուել: Տարբեր բանտերում նստած Նիպել Կենչը հիմա Պաքըրքէօյի թաղամասի բանտում է: Գրողը Միջերկրական ծովի երկրների համախմբումի մրցոյթում առաջին մրցանակն է ստացել, ինչպէս նաեւ պատմուածքներ է տպագրել «Սիյա», «Մահսուս Մահալ»-ի նման ամսագրերում, իսկ 2012 թ. մի պատմուածք է տպագրել «Նօթապենէ» հրատարակչութեան կողմից հրապարակուած եւ բանտարկեալների գրած պատմուածքներից կազմուած «Ափին խփող ալիքներ» վերնագրով գրքում: Թէեւ «Եգիպտացորենի խանձահոտը» գրողի առաջին վէպն է, սակայն այն բաւականին հետաքրքրութիւն է յարուցել ընթերցողների շրջանում: Բանտի պատերից այն կողմ Կենչի հետ զրուցեցինք  նրա վէպի ու գրել խիզախելու շուրջ:

Ես վէպ չունեցած վէպի հերոսն եմ

–  «Եգիպտացորենի խանձահոտը» վերնագրով գիրքը 90-ական թթ. հրկիզուած գիւղին պատկանած իրերի` տարբեր ժամանակ եւ տարբեր վայրեր շպրտուած պատմութիւնների մասին է: Սակայն գրքի վիպասան գրող Էզիման ասում  է. «Ես վէպ չունեցած վէպի հերոսն եմ»: Ընթերցողներից ակնկալւում է չկայացած վէ՞պ կարդա՞լ:

– Որոշ առումով` այո՛: Ինչպէս որ Էզիման մոխրին ու հողին խառնուողների պատմութիւնները պատմելիս նայում է իր գիւղ Մէյմանի չեղած գոյութեանը, այնպէս էլ ընթերցողը մէկ վէպի մէջ տեղաւորուել չցանկացող ամէն մի պատմուածքից միւսին անցնող Էզիմայի գրածները կարդալիս կարող է ասել, որ դա վէպ չէ: Էզիման հաւաքական յիշողութեան մէջ շրջելիս որոշ ժամանակ որպէս երգի հիւսող երգիչ, որոշ ժամանակ որպէս հայ նկարիչ, որոշ ժամանակ որպէս մօր ու հօր ձայն` մոխրին խառնուողին ե՛ւ գոյութիւն է տալիս, ե՛ւ գիւղերն այրուելու ժամանակ ամբողջութեամբ անտեսանելի անմայրամուտ օրուայ մասին պատմելու համար պատմուածքներն ու երեւակայութիւնն է ընտրում: Այս ճանապարհին նրան ուղեկցում է խաչաձեւուող, միմեանց լրացնող պատմութիւնները վէպի վերածելու ցանկութիւնը: Պատերազմներ, կոտորած ու ջարդեր տեղի ունեցած աշխարհագրական տարածքներում մեծացող երեխաների հայեացքներին ուղեկցում են դէպքերը ցաւով յիշող խօսքերն ու հառաչանքները: Կարող ենք ենթադրել, որ Էզիման այդ ամէնին յաճախակի է բախուել, որն իրեն անհանգստացրել է: Այդ պատճառով պատմելու ձեւը մի փոքր տարբեր է: Քանի որ այն պահանջում է լռութիւնն էլ լսելի դարձնել, ափին գտնուողին տեսանելի լինել, միւս պատմութիւններին էլ իր փորձը միացնելով`  ամբողջացնել վէպի հերոսին, Էզիմայի հետ տեղի ունեցածներն էլ առանց լացի, առանց հառաչանքների հասկանալ:

– Գրքի պատմութիւնն ինչպէ՞ս ի յայտ եկաւ: Կը պատմէ՞ք:

– Վառուող, դատարկուող գիւղերին նայելիս ականատես եմ եղել, որ պատերազմը ոչ միայն մասնակիցներին է սպաննում, այլ նաեւ` նրանց յիշողութիւնը, այսօրուայ հետ մէկտեղ նաեւ` ապագան, շրջապատն ու կեանքը: Ականատեսները որոշ բաներ տեսնում են, ու նրանց մէջ առաջանում է դրանք արտայայտելու ցանկութիւնը: Մօտս առաջացաւ այն հարցը, թէ ինչպէ՞ս կարող ենք պատմել ցաւն ու մեր ապրումները. այս հարցն ու  գրելու ցանկութիւնս համատեղուեցին, արդիւնքում ծնուեց այս գիրքը:

Ինչպէս դուք էլ նշեցիք ձեր առաջին հարցի ժամանակ, սա պատմութիւններից կազմուած վէպ է: Մեր կեանքի ընթացքում բազմաթիւ պատմութիւններ են կուտակւում, բազմաթիւ պատմութիւններ ենք պատմում: Ե՛ւ մեր ապրած կեանքի, ե՛ւ մեր յիշողութեան ծալքերում ծուարած բազում պատմութիւններ կան: Այս գրքում տարբեր մարդկանց ու ժամանակների մասին պատմող պատմութիւնների ընդհանրութիւնն այն է, որ կոտորածը, աքսորը, արտագաղթը բռնութեամբ «ցեղասպանութեան ճիրաններում» յայտնուած հասարակութիւններում առաջացնում են յուսախաբութիւն, ցնցումներ, փնտռտուքներ ու դիմադրութեան ձեւեր: Երբեմն սկզբնակէտ կարող է հանդիսանալ ընդամէնը մէկ պատկերի` մեզ վրայ ունեցած ազդեցութիւնը:

Այդ տարիներին Տէրսիմում փարթիզան էի: Ականատես եղայ այն բանին, որ պատերազմը ոչ միայն պատերազմողներին, այլեւ նրանց յիշողութիւնը, այսօրուայ հետ մէկտեղ ապագան, շրջապատը եւ կեանքն էլ է սպաննում: Ականատեսները որոշ բաներ տեսնում են, ու դրանք ինչ-որ ձեւով արտայայտելու ցանկութիւն են ունենում: Ինչպէ՞ս կարելի է արտայայտել ցաւն ու ապրումները. ահա այս հարցն ու գրելու ցանկութիւնս համատեղուեցին, եւ արդիւնքում այս գիրքը ծնուեց: Դա տատանումների շրջան էր: Հանդարտուելու համար ժամանակ էր պէտք: Այդ պատմութիւնները, ձայները, բուրմունքները ցանկացան արտայայտուել ու իրենց մասին գրել տուեցին:

– Գիրքը գրելիս ո՞րն էր ձեր նպատակը:

– Աւելի շուտ` ոչ թէ նպատակ է եղել, այլ կարող եմ ասել, որ այն բաները, որոնք ցանկացել եմ ասել, ու իմ մէջ կուտակուած պատմութիւնները իրենց մասին գրել տուեցին: Դրանցից մէկն էլ իշխանութիւնների, պետութեան կողմից կիրառուած բռնութեան առաջացրած ցնցումները, յուսախափութիւնը, ընդհանրացնող ցաւը մասերի բաժանելով` անհատական պատմութիւնների մէջ եղած տարբերութիւնները ցոյց տալու ցանկութիւնն էր:

Հրդեհուողի մասին անցեալում եւ ներկայում ունեցած մեր յուշերը եւ կեանքի հումորային, տարօրինակ, ողբերգական երանգները ցոյց տալու ցանկութիւնն այդ պատմութիւնները գրելու ձայներ հանդիսացան:

Ցաւն ինչպէ՞ս կարելի է արտայայտել: Տուժածի ձայնը, առանց որոշ ծուղակների մէջ յայտնուելու ինչպէ՞ս կարող է տեղ հասցնել, քաղաքական թեման գրական աշխարհում, առանց գրական լեզուն շղարշելու, ինչպէ՞ս կարող ենք ներկայացնել: Մի փոքր էլ այս հարցադրումներով եմ մօտեցել նիւթին: Ի՞նչ գրելու չափ կարեւոր էր նաեւ այն, թէ ինչպէ՞ս ենք գրում: Այս հարցին  պատասխաններն ու այդ պատասխանների` պատմութիւնների ընթացքին յարմարեցնելն էլ էր կարեւոր: Ես փորձել եմ շեշտը դնել ցաւի թաքնուած կողմերը, ոչ թէ ցաւի պատմութիւնը ներկայացնելու վրայ: Սա վէպի հերոսների պահանջն էր, միաժամանակ ինձ համար կարեւոր էր այն, որ ձեւն ու բովանդակութիւնը, նոյն տեսանկիւնից սնուելով, նոյն բաներն են կարողանում ասել: Թէ ինչքանո՛վ ինձ յաջողուեց դա` չգիտեմ, բայց սրանք էին հիմնական հարցադրումները: Շատ ժամանակ ուշադրութիւն չենք դարձնում այն բանին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է գրել, այլ գրում ենք` առանց գրական իւրայատուկ լեզուի վրայ հիմնուելու եւ երեւակայական թեքնիքի հարստութիւնից առանց բաւականաչափ սնուելու: Պէտք է աւելի շատ ուշադրութիւն դարձնել գրելու ձեւին:

– Գրքի հետաքրքիր վերնագիրն ինչպէ՞ս ընտրեցիք:

– Գրքի վերնագիրը մինչ պատմութիւնների վերջնական տեսք ստանալը դա չէր: Այս անունը ծնուեց այն ժամանակ, երբ Էզիման ասաց այդ խօսքերը: Այն ապահովում է վէպի` «սկսուելուն պէս իրականն ու անիրականը խառնելը». անունը սա է արտացոլում: Էզիման իր քիմքը այրող հոտի վերաբերեալ հեքիաթներ է յօրինում, որոշներն էլ ստեղծւում են Էզիմայից անկախ: Անընդհատ ինքն իրեն տալիս է «կարո՞ղ եմ հաւատալ» հարցը: Իրականութիւնն այնքան ճնշող ու խեղդող է, որ երեխայի համար անհնար է դարձնում հեքիաթներին հաւատալը: Տարիներ անց էլ ասում է. «Եթէ իրականութիւնը երեւակայութեան նման լինէր,  ծանրութիւնը կարող էր թեթեւացնել, անկասկած համարուող բաները կարող էր անորոշ դարձնել»: Այս անունը Էզիմայի` իրականութիւնն ամբողջութեամբ երեւակայութեանը նմանեցնելու ցանկութիւնից է ծնուել:

– Վէպի հերոսների մէջ ընտրութիւն կատարելը դժուար է, բայց գրելու ընթացքում ձեզ վրայ աւելի շատ ազդած հատուած կամ հերոս եղե՞լ է:

– Հերոսներն ու նրանց հետ տեղի ունեցածներն անթիւ կեանքերի մասին են: Գրքի երեւան հանած որոշ պատկերներ, մեթաֆորներ պատմական-քաղաքական իրականութեան ամէն արտացոլանք ու ինձ վրայ եղած ազդեցութիւն բխում են  տարբեր մարդկանց կեանքերը միմեանց կապելուց: Տէրսիմցիների բարեգութ վերաբերմունքի մասին Առաքելի պատմութիւնները, քրտական ինքնութեան պատճառով աքսորի մէջ ինքնութեան ժխտման ու ապացուցելու միջեւ սեղմուած Մ. Թահիր Իսքանօղլուի` խելագարուելու ցանկութեան դէմ պայքարը, իրականութիւնը, որը Էզիմայի համար անհնարին է դարձնում հեքիաթներին հաւատալը, կոտորածի տարիներին մահուան օղակից փրկուածների մտածելակերպը, թէ՛ իրենց կեանքը պետութիւնն է բաշխել, Լիլի մօրաքրոջ աննկարագրելի, թաքուն տխրութիւնը եւ այլ իրավիճակներ:

– Որոշ գրականագէտներ, երեւակայութեան ու ձեր օգտագործած լեզուի վրայ հիմնուելով, գիրքը ներկայացնում են որպէս փոսթմոտեռն գրականութեան օրինակ: Դուք ի՞նչ կարծիք ունէք այս հարցի վերաբերեալ:

– Բազմաթիւ գրքերի նման` այս գիրքն էլ տարբեր ճաշակի տէր ընթերցողների առջեւ բաց է: Բոլոր մեկնաբանութիւնները կարդալու ազդեցութիւնը հարստացնում է, դրանք տարբեր չափերով իմ ուշադրութիւնն էլ են գրաւում: Նախեւառաջ` շնորհակալութիւն: Ես կարծում եմ, որ փոսթմոտեռն գրականութեանը վերագրուող լեզուն ու պատմուածքների որոշակի թեքնիքը գրականութեան պատմութեան շատ տարբեր ժամանակներում ուղեկցել է արձակին: Գնահատականներն աւելի շուտ ուղղակիօրէն սահմանում են գրքի «փոսթմոտեռն բնոյթը», սա էլ, կարծում եմ, երեւակայական համարուող խաղերի հետ է կապուած: Մինչդեռ գիրքն ամբողջանում է մասերը միմեանց միացնելով, եզակի օրինակներն ու տարբերութիւնները նոյն մակարդակի վրայ դնելով` ստեղծուած նիւթի փիլիսոփայութիւնը ակնյայտ են դարձնում, որ գիրքը փոսթմոտեռն բնոյթի չէ: Նրա մանրամասն ու յատուկ տեսքի` քաղաքական իրադարձութեան հետ մշտական  կապը եւս ցոյց է տալիս, որ գիրքը դուրս է փոսթմոտեռն գրականութեան շրջանակներից: Իմ տեսակէտն էլ հակիրճ կարող եմ այսպէս ներկայացնել: Սակայն այս գրքին ուղեկցել են նաեւ գրականութեան պատմութեանը ընթացքում երեւան եկած տեսութիւնների ու գրելու թեքնիքի շուրջ մտածելն ու նրանից սնուելը, ներառեալ` փոսթմոտեռնիզմը: Սա մեր ընթերցողների եւ գրական աշխարհի հարստութեան անխուսափելի արդիւնքն է: Ամէն գիրք միւս գրքերի հետ բովանդակութեան ու ձեւի երկխօսութիւն է ստեղծում:

– Գիւղ Մէյմանը, որի մասին պատմւում է, թէկուզ եւ երեւակայական է, Տէրսիմում էք տեղադրում, սրա պատճառներն ու Տէրսիմի` ձեր գրքի համար ունեցած ներդրումները որո՞նք էին:

– Չնայած պատմութիւնները տեղի են ունենում Քրտստանի (Արեւմտեան Հայաստանի – «Ակունք»-ի խմբ.) տարբեր բնակավայրերում, գիրքը շատ  բանով է պարտական Տէրսիմի առանձնայատկութիւններին: Դրա համար էլ շատ կը ցանկանայի, որ գիրքը Տէրսիմ էլ հասնէր: Գրքի հերոսների տարբերութիւնները ներկայացնող պատմուածքների մեծ մասը Տէրսիմից է ներշնչուել: Այդ տարածաշրջանի հետ ստեղծուած զգացմունքային կապն ու կարօտը իմ գրչին միշտ ուղեկից են եղել:

Որոշ ժամանակ Տէրսիմում մնալու շնորհիւ քիչ թէ շատ ծանօթ եմ նրա մշակոյթին, պատմութեանը, աշխարհագրութեանը: Տէրսիմցիներն ինձ վրայ շատ խորը ազդեցութիւն են ունեցել, այնտեղ իմ մէջ կուտակուած դէպքերը գրելուս հիմնական գործօններից են եղել. այս ամէնը ես բացայայտեցի գրելուս ընթացքում միայն: Այս առումով Տէրսիմի ունեցած ներդրումը շատ մեծ  է:  Չնայած պատմուածքներում նկարագրուած դէպքերը տեղի են ունենում Քրտստանի մի շարք վայրերում, գիրքը շատ բանով է պարտական Տէրսիմի առանձնայատկութիւններին: Դրա համար էլ շատ կ՛ուզեմ, որ այն Տէրսիմ հասնի: Գրքում եղած տարբեր հերոսները, պատմուածքիների մեծ մասը Տէրսիմից է ներշնչուած: Այդ տարածքի հետ ստեղծուած կապը միշտ ուղեկցել է ինձ: Ապստամբութեան, կոտորածի եւ աքսորի ժամանակաշրջանների մասին պատմական աշխատութիւնները, ականատեսների վկայութիւնները, յուշերը, տեղեկագրութեան ձեւով ստեղծուած գրքերը մեր գրականութեան համար շատ արժէքաւոր աղբիւրներ են: Դրանք մեծ ներդրում են ունեցել հերոսների զգացմունքային աշխարհը նկարագրելու գործում: Եթէ չլինէին այսպիսի աշխատանքները, ապա Իպրահիմի «Անմայրամուտ օրուայ ընթացքում» հօր ապրած երկընտրանքը, Մեհմեթ Թահիրի` ինքնութիւնը ժխտելու կամ ընդունելու միջեւ երկընտրանքը գեղարուեստական գրականութեան թեմա չէին դառնայ: Ես այս կերպ ցանկանում եմ շնորհակալութիւնս յայտնել այս ոլորտներում ջանք գործադրած մեր գրողներին, պատմաբաններին:

– Գրեթէ քառորդ դար զրկանքների վայր եղող բանտում էք: Ինչպէ՞ս եղաւ, որ որոշեցիք գրել: Գիտենք, որ տարբեր ամսագրում եւ գրքերում որոշ պատմուածքներ էք տպագրել: Մինչ օրս ինչե՞ր էք գրել եւ սրանից յետոյ ինչե՞ր էք ծրագրում գրել:

– Բանտերում, որտեղ իւրաքանչիւրս վերածւում ենք հում ընթերցողի, իրականում գրելը մեզնից շատերի համար ընդհանուր ոլորտ է դառնում, մեր ընկերներից շատերը ժամանակ առ ժամանակ  գրքեր են գրում ու տպագրում: Որոշ ժամանակ ես էլ եմ գրել: Իրականում աւելի վաղ «Սիսթէ պիր թահթերեվալլի» անունով վէպի վրայ եմ աշխատել: Նորից այդ գրքի վրայ ցանկանում եմ աշխատել, ինչպէս նաեւ  մի փոքր էլ ինքս ինձ փորձելու համար գուցէ սկսեմ նորից գրել այն: Ես ունեմ որոշ նախագծեր, բեմագրութիւններ, պատմութիւններ, որոնք թղթին տալու համար յարմար պահի եմ սպասում:

https://mezopotamyaajansi.com/KULTUR-SANAT/content/view/11718

Թարգմանեց ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԸ

Akunq.net

 

Դասականը Պիտի Վերադառնա՞յ Հայաստան

$
0
0

ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ Հայաստանի «Հ1» հեռատեսիլի գլխաւոր կայանը նշեց, որ 4 մարտ թուականը խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ հայերէնի համար նոր ուղղագրութիւն մը ընդունելու որոշումին տարեդարձն էր: Հայաստանի խորհրդային իշխանութիւնները, ընթացք տալով պատմաբան Մանուկ Աբեղեանի առաջարկին,  անոր պարտականութիւն տուած էին հայոց լեզուի համար նոր ուղղագրութիւն մը պատրաստել: Իբր թէ նոր ուղղագրութեան շնորհիւ պիտի դիւրանար լեզուի գործածութիւնը, եւ զանց պիտի առնուէին այն դժուարութիւնները, որոնք կը ծագէին հայոց դասական ուղղագրութեան կանոններէն:

«Հ1» հեռատեսիլի կայանին խօսնակը, որ այս մասին կը խօսէր, լորձնաշուրթն կը գովէր այդ շրջանին տրուած այս որոշումը, մինչ կը սպասէինք, որ ան խօսէր տարբեր ուղղութեամբ ու բաժնէր մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն այն մտահոգութիւնը, թէ խորհրդային շրջանի ուղղագրութիւնը շա՛տ բան խանգարած էր մեր լեզուի գեղեցկութեան ու ընկալուած կանոններուն մէջ` նոր խառնարան մը ստեղծելով:

Մենք առաջին օրէն կողմնակից չեղանք նոր ուղղագրութեան. այս նիւթին շուրջ բազմաթիւ անգամներ խորհրդակցեցանք Հայաստանի ակադեմական դէմքերու հետ եւ պաշտպանեցինք այն տեսակէտը, որ այլեւս իր անկախութիւնը հաստատած Հայաստանը պէտք էր վերադառնար դասական ուղղագրութեան, բայց զարմանքով տեսանք, որ անոնք նոյն կերպ չէին մտածեր: «Մէկ գիշերուան մէջ ինչպէ՞ս կրնանք փոխել ուղղագրութիւնը», կ՛ըսէին անոնք, իսկ մենք կը պատասխանէինք. «Չէ՞ որ արդէն մէկ գիշերուան մէջ փոխեցիք դասական ուղղագրութիւնը: Յետոյ, պայման չէ, որ մէկ գիշերուան մէջ փոխուի: Կրնանք որոշ ժամանակամիջոց մը տալ»® եւ այլն, եւ այլն:

«Հ1» կայանի յայտագիրը անգամ մը եւս խոցեց մեր սիրտը: Մեր ուղղագրութիւնը դժուար է, այո՛, բայց միայն մեր լեզուի՞ն ուղղագրութիւնն է դժուար: Ֆրանսերէնի ուղղագրութիւնը դիւրի՞ն է արդեօք, անգլերէնի ուղղագրութիւնը դիւրի՞ն է® Հայոց ուղղագրութեան դժուարութիւնը ծնունդ կ՛առնէ հայոց լեզուի հարստութենէն, հայոց լեզուի ձայնային ու այբուբենական հարստութենէն: Իրաւունք ունի՞նք այդ հարստութիւնը ոտնակոխ ընելու, մեր լեզուն ու մեր ուղղագրութիւնը աղքատացնելու:

Գիտենք, որ մեր այս տեսակէտը խորթ պիտի հնչէ մասնաւորաբար Հայաստանի որոշ շրջանակներէ ներս, բայց թող ներողամի՛տ ըլլան. ո՛չ մէկ ուժ պիտի կարենայ մեզի հաւատացնել, որ այդ շրջանի իշխանութիւնները ճիշդ գործ կատարած են` մեր պաշտելի լեզուին համար նոր ուղղագրութիւն մը ստեղծելով:

Թերեւս կը սխալինք, բայց կը հաւատանք, որ Հայաստանն ալ օր մը, ուշ կամ կանուխ, պիտի վերադառնայ մեր դասական ուղղագրութեան:

«Մարմարա»


Ներշնչարանի Վերածուած Թուական Մը

$
0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Այս տարի կ’ամբողջանայ Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարարին` Թալէաթ փաշայի ահաբեկման 97-րդ ամեակը: 1921 թուականի մարտ 15-ին զգայացունց լուրը հրճուեցուց թէ՛ մէկուկէս միլիոն նահատակները, թէ՛ ջարդերէն ճողոպրածներուն սրտերը, երբ Պերլինի մայթերէն մէկուն վրայ հայ երիտասարդի` Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռամբ տապալեցաւ հայ պատմութեան մեծագոյն աղէտի կազմակերպիչը` Թալէաթ փաշան:

Պէտք է ըսեմ, որ բաւական ուշ տեղեկացած եմ այդ ահաբեկումին մասին, յստակ չեմ յիշեր` տասնինը կամ քսան տարեկանիս, եւ ունեցած առաջին զգացումս եղաւ մեծ բաւարարութիւն, քանի որ Թեհլիրեան իր արձակած գնդակով գետին կը փռէր մարդու կերպարանքով իսկական ճիւաղ մը` թուրք երբեմնի «յեղափոխական» մը: Սակայն ժամանակի թաւալքին հետ այս պատմական գործողութեան խորքը թափանցելով եւ աւելի լայն տեղեկութիւններ հաւաքելով, անդրադարձայ այն իրողութեան, թէ ի՛նչ ճիգ եւ աշխատանք կը պահանջէր դահիճը հետապնդելու, անոր թաքստոցը յայտնաբերելու եւ արդար մահապատիժը գործադրելու վեհ առաքելութիւնը:

Կ’արժէ նշել, թէ հայ պատժական արշաւը, որ պատմութեան անցաւ «Նեմեսիս գործողութիւն» անունով, կոյր վրէժխնդրութենէ ծնած չէր: Հայ ժողովուրդը եւ անոր պաշտպան Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը յուսային, որ յաղթական դաշնակիցներու ձեռքով եւ արդարամտութեամբ թուրք պարագլուխները իրենց արժանի պատիժը պիտի կրէին… Սակայն դարձեալ չարաչար խաբուեցաւ ազգը հայոց: Մեծ տէրութիւններու բացայայտ խարդաւանանքին ի տես, Դաշնակցութիւնը կ’որոշէ իր ֆետայական տարազին վրայ դատաւորի պատմուճանը հագնիլ եւ դեւերուն հանդէպ արձակած դատական վճիռները գործնականացնել: ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովէն ծնունդ առած «Նեմեսիս գործողութիւն»-ը եւ անոր ծիրին մէջ Թալէաթի ահաբեկումը ուղերձ կը կարդային թէ՛ հայ ժողովուրդին, թէ միջազգային ընտանիքին` ՀՅԴ-ի կարողականութեան եւ վճռակամութեան մասին, թէ աշխարհի մէջ չկայ ուժ մը, արգելք մը կամ պատնէշ, որոնք կրնան կուսակցութեան ընթացքը կասեցնել արդարութիւնը տնօրինելու ճամբուն վրայ: Սակայն կարողականութիւնը եւ իր տրամադրութեան տակ եղած միջոցներուն բազմազանութիւնը չէին կազմեր միակ խորհուրդը, զոր ՀՅԴ-ն կը պատգամէր համայն աշխարհին, այլ անոր ետին կանգնող եւ հիմը կազմող ուժը` յանձինս երիտասարդութեան: Հոս է իսկական խորհուրդը, զոր վերջերս կրցած եմ տեսնել: Արդարեւ, Սողոմոն Թեհլիրեան, տակաւին երիտասարդ ըլլալով, կոչուած էր անմահ օրինակ դառնալու գալիք սերունդներուն, երբ թիւ մէկ ոճրագործին յանցաւոր կեանքին վերջ դնելու նախանձելի պատասխանատուութիւնը ստանձնեց եւ զայն պատուով ու լիուլի կատարեց: Ինչպէս գիտենք, Թեհլիրեան «վրիժառու բազուկ»-ներու խումբին մաս կազմող միակ երիտասարդը չէր: Բոլորը ուսանողներ եւ երիտասարդներ էին: Յոյժ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող առաքելութիւնը երիտասարդներուն վստահելով, ՀՅԴ-ի պատասխանատուները ուզեցին ցոյց տալ բոլորին, որ կուսակցութեան ուժը եւ ողնասիւնը երիտասարդութիւն է:

Սողոմոն Թեհլիրեան եւ անոր նմանները իրենց կրակած փամփուշտներով ո՛չ միայն թուրք ջարդարարներ եւ հայ դաւաճաններ ահաբեկեցին, այլ նաեւ ամրագրեցին հայ երիտասարդութեան կարեւորութեան եւ անոր դերակատարութեան ակնարկող այն սկզբունքը, որ ՀՅԴ-ի ծնունդէն մինչեւ այսօր անժխտելի կը մնայ:

Այսօր ակնածանքով կը խոնարհիմ Սողոմոն Թեհլիրեանի անթառամ յիշատակին առջեւ, կը կարծեմ, թէ կան ինծի նման հազարաւոր երիտասարդներ, որոնք` 15 մարտ 1921-ին խորհուրդով ներշնչուած, պիտի ուզէին անոր տեղը ըլլալ եւ ատրճանակին կոճակը սեղմել: Վստահ եմ, որ մինչեւ իր աչքերը առյաւէտ փակելը Սողոմոնին փափաքն էր, որ հայ երիտասարդները ո՛ւր ալ գտնուին, ո՛ր երկրի քաղաքացիութիւն ալ կրեն, միշտ ալ գիտակից ըլլան իրենց ազգային պարտաւորութեանց եւ պատասխանատուութեանց:

Ուժ եւ կորով մեզի, սիրելի՛ երիտասարդներ, որպէսզի Թեհլիրեանի ժառանգութիւնը մեր մնայուն սեփականութիւնը դարձնենք:

 

 

«Էմ. Թի. Վի.» Պատկերասփիւռի Կայանի «Ժառանգութիւն Եւ Մշակոյթ» Յայտագիրը Լուսարձակի Տակ Առաւ Հաւատքի Եւ Կրօնի Համար Մղուած Վարդանանց Ճակատամարտը

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել` ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ դառն հարուած…»: Այս պատգամով հայոց բանակի սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան գօտեպնդեց հայ զինուորները` հաւատքի եւ կրօնի համար պատերազմելու սասանեան հզօր բանակին դէմ: Ի զուր չէ, որ Վարդանանց պատերազմը, իբրեւ պատմական աքթ,  անկիւնադարձային է եւ դարեր շարունակ ներշնչման աղբիւր եղած է հայ ժողովուրդին համար: Այս առումով, օտար պատմագէտներու ուշադրութենէն չէ վրիպած հայ ժողովուրդին կողմէ հաւատքի ու հայրենիքի համար մղուած բազում ճակատամարտերը, եւ անոնք տեսած են հայութեան մէջ պայքարելու անկոտրում կամքը: Քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն մինչեւ օրս հայը գոյատեւելու պայքար կը մղէ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ:

25 փետրուար 2018-ին «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը «Ժառանգութիւն եւ մշակոյթ» (Հերիթէյճ էնտ քալչըր) յայտագիրով լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդին համար անկիւնադարձային պատմական դէպք մը` Վարդանանց ճակատամարտը: Յայտագիրի հաղորդավար Քաթիա Խուրի-Մունտալաք հիւրընկալեց լիբանանեան համալսարանին մէջ պատմութեան եւ քաղաքական գիտութեանց դասախօս դոկտ. Իմատ Մրատը: Ան իր հարցազրոյցը սկսաւ հետաքրքրական վերլուծական մէջբերումով մը, որ` «Չենք կրնար քրիստոնէութեան պատմութեան մասին խօսիլ` առանց հայութեան մասին անդրադառնալու եւ չենք կրնար հայութեան մասին խօսիլ՝ առանց անդրադառնալու հայ ժողովուրդի սուրբերուն»: Ան պատմական ակնարկ կատարելէ ետք Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման մասին` 301 թուականին, մանրամասն ներկայացուց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ նետուիլը եւ հաւատքի շնորհիւ ողջ մնալը, ինչպէս նաեւ` Տրդատ թագաւորին դարձը:

Խօսելով Վարդանանց հաւատամարտի մասին` ան ներկայացուց Հայաստանի այդ օրուան պայմանները եւ հայերուն ենթակայութիւնը պարսկական տիրապետութեան` քաղաքական, զինուորական ու վարչական առումով: Իր խօսքին մէջ ան յայտնեց նաեւ, որ պարսիկները հայ ժողովուրդին առաջարկեցին իրենց կապերը խզել Հռոմի եկեղեցւոյ հետ: Պարսիկներու յաջորդական պնդումները` վերադարձ զրադաշտական կրօնի, արդիւնքի մը չյանգեցան եւ հայերը մերժեցին պարսիկներուն առաջարկը: Ան նշեց, որ Վարդանանց պատերազմի ընթացքին Վարդանի նահատակութիւնը քրիստոնէական հաւատքի արթնութիւն եւ ոգեւորութիւն ստեղծեց հայութեան մէջ: 485 թուականին Վարդանի եղբօրորդին համաձայնութիւն մը կնքեց սասանեան պետութեան հետ` յարգելու եւ ընդունելու քրիստոնէական կրօնը Հայաստանի մէջ: Խօսելով Վարդան Մամիկոնեանի դուստր Շուշանի մասին` ան անդրադարձաւ Վրաստանի իշխանի ամուսնութեան առաջարկին,  քրիստոնէական հաւատքէն հրաժարելու եւ նահատակութեան մասին: Շուշան այսօր վրացական եկեղեցւոյ սուրբերէն կը նկատուի: Հաղորդավար Քաթիային այն հարցադրումը, թէ ինչո՛վ կը զատորոշուի հայ ժողովուրդը այլ ժողովուրդներէ, պատմաբանը նշեց, որ քրիստոնէութիւնը նահատակութեան եկեղեցի է եւ ի մասնաւորի հայ ժողովուրդին համար` նկատի ունենալով Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը,  յաջորդական արշաւանքները: Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան` դոկտ. Մրատ յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը կառչած է իր եկեղեցւոյ, հողին ու հայրենիքին: Այս իմաստով, հայերը իրենց հաւատքով, աշխարհագրական դիրքով վտանգ կը սպառնային Թուրքիոյ: Ան յայտնեց նաեւ, որ ասորիները, քաղդէացիները իրենց նահատակութեամբ կը նմանին Սրբոց Վարդանանց նահատակութեան օրինակին:

Հարցազրոյցի վերջին բաժինով ան խօսեցաւ Վարդանանց յիշատակին կանգնած արձաններուն եւ սրբարաններուն մասին` շեշտելով, որ այն անձը, որ կը նահատակուի հաւատքի համար, սուրբ կը նկատուի:  Վարդան Մամիկոնեան բանակի սպարապետ ըլլալով` իր նահատակութեամբ պատմութեան մէջ սուրբերու կարգին դասուեցաւ:

Իր շինիչ հարցազրոյցին ընդմէջէն դոկտ. Մրատ ոչ միայն սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ յանուն գոյատեւման, հաւատքի եւ հայրենիքի համար մղուած Վարդանանց հերոսամարտին մասին, այլ նաեւ պատմաբանի ակնոցով կատարած վերլուծումներով արտայայտեց հայութեան հանդէպ իր յարգանքն ու սէրը: Յատուկ շնորհակալութիւն` պատմաբան դոկտ. Իմատ Մրատին, հաղորդավար Քաթիա Խուրի – Մունտալաքին եւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին` եզակի այս յայտագիրի ներկայացման համար:

 

 

Աշխարհիկութիւնը` Յառաջդիմական Կուսակցութիւններու Ծրագիրներուն Մէջ

$
0
0
Բ.- Մեքսիքայի Հաստատութենական Յեղափոխական Կուսակցութեան Օրինակը

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Հաստատութենական յեղափոխական կուսակցութիւնը կը հանդիսանայ արդի Մեքսիքայի Հանրապետութեան եւ ազգային-պետականութեան կերտիչը, որ ղեկավարած է Մեքսիքան 1929-էն մինչեւ 2000 եւ 2012-էն մինչեւ այսօր: Անիկա ինքզինք կը սեպէ Մեքսիքայի 1910-ի յեղափոխութեան ժառանգորդ կուսակցութիւնը եւ անոր նպատակները ամրապնդողը:

Մեքսիքայի մէջ եկեղեցին ձեռք ձգած էր հողային մենաշնորհին մեծ մասը` սեփականացնելով մեծ տարածութեամբ հողեր: Հողատիրութեան կողքին, եկեղեցին նաեւ մաս կազմած էր դրամատնային ներդրումներուն: Այսպիսով, կղերական տարրը Մեքսիքայի ժողովուրդին կողմէ նկատուած էր իբրեւ իշխող խաւին անբաժանելի մասը: Պատեհապաշտ-պահպանողական նախագահ Փորֆիրիօ Տիազի նախագահութեան ժամանակաշրջանին կղերականութիւնը աւելի մեծ թափով ընդգրկուեցաւ առեւտրական մարզին մէջ` հաշուի առնելով նաեւ կրթական հաստատութիւնները: 1910-ին, երբ պայթեցաւ մեքսիքական յեղափոխութիւնը` պահպանողական նախագահ Տիազի վերընտրութեան պատճառով (35 տարի իշխած է Մեքսիքայի վրայ), յեղափոխականները նաեւ բախումներ կ՛ունենան կղերականութեան հետ, որովհետեւ եկեղեցին նեցուկ կանգնեցաւ Վիքթորիանօ Հուերթայի միամեայ պահպանողական նախագահութեան (1913-1914):

Յեղափոխութեան շնորհիւ` 1917-ին Մեքսիքայի Սահմանադրական ժողովը կը հաստատէ նոր սահմանադրութիւն մը` նախկինին փոխարէն: Այդ սահմանադրութեան երրորդ յօդուածը կ՛ըսէ. «Կրթութիւնը պէտք է ըլլայ աշխարհիկ եւ ազատ` բոլոր կրօնական կողմնակալութիւններէն»: Սահմանադրութեան մէջ նաեւ կ՛ընդգծուի. «Կրթական ծառայութիւնները պէտք է հիմնուած ըլլան գիտական յառաջընթացին վրայ եւ պայքարին ընդդէմ` անգրագիտութեան, վերջինիս հետեւանքներուն, ստրկութեան, մոլեռանդութեան եւ ծայրայեղականութեան»: 24-րդ յօդուածը կը նշէ. «Ամէն մարդ ազատ է հետեւելու իր ուզած դաւանանքին` հիմնուելով իր անհատական կրօնական համոզմունքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ կիրարկելու այդ համոզումները` տօներով,արարողութիւններով եւ պաշտամունքներով»: Եւ ի վերջոյ կը հասնինք սահմանադրութեան 130-րդ յօդուածին, որ կը սահմանէ յարաբերութիւնը պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ` նշելով. «Եկեղեցին եւ պետութիւնը պիտի մնան բաժնուած: Ան (պետութիւնը) կրօնական բոլոր խումբերէն կը պահանջէ պարտադիր գրանցում եւ սահմանափակումներ կը հաստատէ կղերականներուն վրայ (մասնակցելու որեւէ քաղաքական պաշտօնի կամ ընտրական արշաւի)»: Բոլոր յիշեալ յօդուածները չեն գործադրուիր, այլ կը մնան միայն թուղթի վրայ գրուած կանոններ` գրեթէ 10 տարի շարունակ:

Ամէն ինչ կը փոխուի 1926-ին, երբ Հաստատութենական յեղափոխական կուսակցութեան հիմնադիր Փլութարքօ Էլիաս Քալիեսը (այդ ժամանակ` Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ) կ՛օրինականացնէ «Քրէական օրէնսգիրքի բարեփոխման մասին օրէնք»-ը, որ կը գործնականացնէ սահմանադրութեան մէջ աշխարհիկութեան վերաբերող բոլոր կէտերը: Ան հանրային սեփականատիրութեան կը յանձնէ բոլոր կղերականներուն եւ եկեղեցիներուն կողմէ սեփականացուած հողերն ու կալուածները եւ կը փակէ կրօնական դպրոցները` անոնց փոխարէն հաստատելով հանրային դպրոցներ: Կորսնցնելով իրենց տնտեսական առաւելութիւնները եւ վախնալով, որ կը կորսցնեն իրենց հասարակական նշանակութիւնը, կղերականներն ու կրօնամոլ գիւղացիները կը դիմեն զէնքի` արգիլելու համար սահմանադրութեան գործադրումը: 1926-1929 ժամանակաշրջանին զինեալ բախումներուն զոհ կ՛երթան 250 հազար քաղաքացիներ, ի վերջոյ ծայրայեղական զինեալները կը պարտուին, եւ պետութիւնը բոլորին վրայ կը պարտադրէ սահմանադրութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի 1929-ին Քալիեսի կողմէ հիմնուած Հաստատութենական յեղափոխական կուսակցութեան, ան կուսակցութիւնը կը նկատէ յեղափոխութեան նպատակներու իրագործման դրօշակիրը (ներառեալ` աշխարհիկ արժէքներու իրագործման մակարդակով) եւ անոր հիմնադրութեան նպատակը կը սահմանէ յեղափոխութեան հաստատութենացման մէջ`  կուսակցութեան ծրագիրին մէջ նշելով հետեւեալ տողերը. «Մենք ազգային կուսակցութիւն ենք եւ հպարտ ենք մեքսիքական յեղափոխութեամբ, որ կ՛ամրապնդէ Մեքսիքայի արդիականացումը` ընկերային արդարութեամբ եւ ժողովրդավարութեամբ: Այդ պատճառով ալ մենք մաս կազմած ենք ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ընտանիքին»: Անդրադառնալով Հաստատութենական յեղափոխական կուսակցութեան ծրագրային տեսութեան եւ յատկապէս` անոր աշխարհիկ ուղղութեան, կը դիմենք կուսակցութեան ծրագիրի յառաջաբանին, որ կ՛ըսէ. «Մենք մեր արմատները կը գտնենք ազատ հանրապետական, աշխարհիկ եւ դաշնակցային արժէքներու ամրապնդման մէջ` պայքարելու համար յանուն ազգային գերիշխանութեան եւ Մեքսիքայի անկախութեան»: Կուսակցութիւնը նաեւ կը մերժէ կղերական եւ եկեղեցական միջամտութիւնը քաղաքական հարցերուն` շեշտելով. «Մենք քաղաքական կուսակցութիւն մըն ենք, որ չ՛ընդունիր այն քաղաքական քարոզչութիւնները, որոնք կու գան եկեղեցիէն, կղերականներէն, կրօնական հաստատութիւններէն կամ միութիւններէն»:

Խորտակելով կրօնամոլութիւնն ու կղերական միջամտութիւններու բոլոր ձախող փորձերը, Մեքսիքան այսօր յաջող աշխարհիկ պետութիւններէն մէկն է` շնորհիւ Հաստատութենական յեղափոխական կուսակցութեան նախագահներուն:

 

Հարիւր Պատմական Դէպք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

41.- 21 հոկտեմբեր 1918: Լոռի-Բամպակի շրջանը կ՛անցնի հայերուն ձեռքը:

42.- 24 հոկտեմբեր 1918: Թուրքերը կը սկսին հեռանալ Անդրկովկասէն:

43.- 4 նոյեմբեր 1918: Խառն հիմունքով կը վերակազմուի Քաջազնունիի կառավարութիւնը, որուն կը մասնակցին Հայ ժողովրդական կուսակցութենէն ներկայացուցիչներ եւ ոչկուսակցական անհատներ:

44.- 11-18 նոյեմբեր 1918: Կը հռչակուի ընդհանուր զինադադար: Հայկական զօրամասերը Ղարաքիլիսէ մուտք կը գործեն:

45.- 30 նոյեմբեր 1918: Փարիզի մէջ Պօղոս Նուպար փաշա կը յայտարարէ` «Ամբողջական Հայաստանի անկախութիւնը, Կիլիկիայով միասին»:

46.- 2 դեկտեմբեր 1918: Հայ բանակը կ՛ազատագրէ Ալեքսանդրապոլը եւ զայն կը կցէ Հայաստանի Հանրապետութեան:

47.- 5 դեկտեմբեր 1918: Վրացական զօրքերը կը գրաւեն Ախալքալաքը եւ հակառակ Հայաստանի կառավարութեան բողոքին` կը փորձեն գրաւել հայկական Լոռին: Հայկական բանակը, Դրոյի գլխաւորութեամբ, կարճ ժամանակի մէջ Վրաստանին հասցուց ծանր հարուած:

48.- 6 դեկտեմբեր 1918: Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը օրէնք կ՛ընդունի երդուեալ ատենակալներու դատարան հիմնելու վերաբերեալ: Բարձրագոյն դատական մարմիններն էին դատաստանական ատեանը` քաղաքացիական ու քրէական պետական կառավարչական հիմնարկներով, եւ Սենատը, որ բաղկացած էր 2 վճռաբեկ պետական կառավարչական հիմնարկներէ` քաղաքացիական ու քրէական գործերը վերաքննելու համար:

49.- 13 դեկտեմբեր 1918: Կը սկսի հայ-վրացական պատերազմը: Հայերը կը յաղթեն բոլոր ճակատներուն վրայ եւ կը հասնին վրաց սահմանները:

50.- 23 դեկտեմբեր 1918: Հայկական զօրքերը ամրացան Սադախլոյի շրջանը:

51.- 31 դեկտեմբեր 1918: Անգլիացիներու միջամտութեամբ` վերջ կը գտնէ հայ-վրացական պատերազմը: Երկու երկիրներուն միջեւ կը կնքուի համաձայնագիր զինադադարի մասին եւ կը հաստատուի դիւանագիտական կանոնաւոր յարաբերութիւն:

52.- 17 յունուար 1919: Կ՛ընդունուի օրէնք` Հայաստանի Հանրապետութեան պետական տօներու մասին: Սահմանուած են հետեւեալ ազգային եւ պետական տօները` Նոր տարի, Սուրբ Ծնունդ եւ Մկրտութիւն, Մեռելոց, Տեառնընդառաջ, Վարդանանց ու Բարեկենդանի շաբաթ, Լուսաւորչի մուտն ի Վիրապ, Զատկի երկուշաբթի եւ երեքշաբթի, Համբարձում ու Թարգմանչաց:

53.- 30 յունուար 1919: Շուշիի մէջ լոյս կը տեսնէ տեղւոյն սոցիալ-դեմոկրատ մենշեւիկեան կազմակերպութեան օրկան «Նոր կեանք» շաբաթաթերթը, որ կրցաւ լոյս ընծայել միայն հինգ թիւ:

54.- 12 փետրուար 1919: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազգային պատուիրակութիւնները միացեալ յուշագիր մը կը ներկայացնեն Խաղաղութեան վեհաժողովին` ծովէ ծով Հայաստան մը պահանջելով:

55.- 31 մարտ 1919: Հայաստանի խորհրդարանը ընդունած է ընտրութիւններու մասին օրէնք: Ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ստացած են 20 տարին լրացուցած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները, անոնց շարքին` արեւմտահայ գաղթականութիւնը:

56.- 24-28 ապրիլ 1919: Կարսը իր շրջանով կ՛անցնի հայերուն ձեռքը: Այսպիսով, կը վերականգնի 1914 թուականի (նախապատերազմեան) սահմանագիծը:

57.- 25 ապրիլ 1919: Կը ստեղծուի զինուորական խորհուրդ` սպարապետ Թովմաս Նազարբեկեանի գլխաւորութեամբ, որ ստանձնած է նաեւ բանակի սպարապետութիւնը:

58.- 1 մայիս 1919: Լոյս տեսած է համայնավար պարբերականներէն ամենամեծ աղմուկ հանած թերթը. ատիկա «Սպարտակ» միութեան օրկան համանուն «Սպարտակ» թերթն էր: Լոյս տեսած է «Սպարտակի» ընդամէնը մէկ թիւ:

59.- 2 մայիս 1919: Հայկական բանակը կը շարունակէ իր յառաջախաղացքը եւ 2 մայիսին կը գրաւէ Արփաչայ-Սարըղամիշ երկաթուղագիծը:

60.- 13 մայիս 1919: Հայկական բանակը առանց կռիւի կը մտնէ Օլթի եւ Կաղզուան:

61.- 16 մայիս 1919: Հայաստանի Հանրապետութեան նախարարներու խորհուրդը Երեւանի մէջ համալսարան հիմնելու վերաբերեալ որոշում ընդունեց:

62.- 20 մայիս 1919: Շարունակելով իր յառաջխաղացքը` հայկական բանակը կը մտնէ Նախիջեւան:

63.- 21 մայիս 1919: Հանրային կրթութեան նախարար Մելիք Գարակէօզեան կը դիմէ նախարարական խորհուրդին` առաջարկելով այսուհետեւ հանրային կրթութեան նախարարութիւնը անուանել կրթութեան եւ գեղարուեստի նախարարութիւն (այժմ` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւն):

64.- 25 մայիս 1919: Երեւանի մէջ կը բացուի Հայ արուեստագէտներու միութեան անդրանիկ ցուցահանդէսը:

65.- 26 մայիս 1919: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով զինուած ուժերու մասին հաստատուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնների համար» շքանշանը:

66.- 28 մայիս 1919: Հայաստանի կառավարութիւնը կը յայտարարէ անկախ, միացեալ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութիւն: Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի ընդունած կարեւոր իրադարձութիւններէն էր անկախութեան տարեդարձի օրը` մայիս 28-ին, «Միացեալ եւ անկախ Հայաստանի» մասին յայտարարութիւնը, որով կառավարութիւնը իրեն կը համարէր նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի տէրը, եւ Հայաստանը կը հռչակուէր միասնական պետութիւն: Այս որոշումը վտանգաւոր համարելով` Հայ ժողովրդական կուսակցութեան 4 նախարար դուրս եկած է կառավարութեան կազմէն:

67.- 21-23 յունիս 1919: Տեղի կ՛ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի առաջին եւ միակ խորհրդարանական ընտրութիւնները: Նախապէս ցուցակագրուած 366 հազար ընտրողներէն մասնակցած են 260 հազարը (շուրջ 70 %): Ընտրուեցան խորհրդարանի 80 անդամներ (այդ թիւին մէջ` 3 կին), որոնցմէ 72-ը ՀՅԴ-ի անդամներ էին, 4-ը` էսէռներ, 1-ը` անկուսակցական, 2-ը` թուրք-թաթարներ եւ 1-ը` եզիտի:

68.- 1 յուլիս 1919: Կը կազմաւորուի Հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարարութիւնը` միջնակարգ դպրոցներու, տարրական դպրոցներու, արուեստի եւ հնութիւններու, բժշկական-առողջապահական բաժիններով:

69.- 17 յուլիս 1919: Նիստին Հայաստանի Հանրապետութեան նախարարներու խորհուրդը կը հաստատէ օրէնք` հնութեան յուշարձաններու եւ արուեստի բաժինը վերակազմակերպելու մասին.

ա) Հնութեան յուշարձաններու եւ արուեստի բաժինը վերակազմակերպել երկու բաժիններով` ա. հնութեան յուշարձաններու պահպանման, բ. արուեստի հովանաւորութեան:

բ) Բանալ հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարարութեան 1919 թուական յուլիս-դեկտեմբեր ամիսներու համար քսաներկու հազար երկու հարիւր ռուբլիի լրացուցիչ վարկ:

70.- 1 օգոստոս 1919: Աւետիս Ահարոնեան Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը կը ստանձնէ, այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 4 նոյեմբեր 1920 թուական:

71.- 7 օգոստոս 1919: Ալեքսանդր Խատիսեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը կը ստանձնէ եւ այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 5 մայիս 1920 թուական:

72.- 10 սեպտեմբեր 1919: Խորհրդարանը կ՛որոշէ հիմնել ազգագրական-մարդաբանական թանգարան:

73.- 27 սեպտեմբեր 1919: Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ հանդիսաւորապէս բացումը կատարուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհանուր ժողովին, որ կոչուած էր դառնալու պատմական ժողով մը:

Դաշնակցութիւնը բախտը ունեցաւ անկախ Հայաստանի ազգային պետականութեան հովանիին տակ գումարելու իր Ընդհանուր ժողովը:

ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովը պատմական եղաւ նաեւ իր գումարման պահուն քաղաքական ու ռազմավարական եզակի նշանակութեամբ` միջազգային թէ ազգային ճակատներու վրայ:

1919 թուականի սեպտեմբերը յոյսերու եւ լաւատեսութեան  պահ էր հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ: Ա.  Աշխարհամարտը ի վերջոյ աւարտած էր եւ ամբողջ Եւրոպայի հետ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական նոր քարտէսը ձեւաւորման իր փուլին մէջ կը գտնուէր:

Դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհանուր ժողովը պատմական նշանակութիւն ունեցաւ, նոյնպէս, ոչ միայն հայ ազգային-ազատագրական շարժման աւելի քան երեսնամեայ պայքարին յաղթանակով պսակումը ամրագրելու իմաստով, այլեւ` հայ քաղաքական մտքի ակամայ, այլ բռնի երկփեղկումին վերջ տալու առումով: Ընդհանուր ժողովը Դաշնակցութեան ծրագիրէն ջնջեց Արեւմտահայաստանի եւ Արեւելահայաստանի համար 1907-ի 4-րդ Ընդհանուր ժողովին առաջադրած լայն ինքնավարութեան քաղաքական առաջադրանքները եւ, փոխարէնը, որոշեց ծրագրային նպատակ ունենալ «Միացեալ, անկախ եւ ազատ Հայաստան»-ի իրագործումը:

ՀՅԴ 9-րդ ընդհանուր ժողովը պատմական եղաւ վերջապէս ու մանաւանդ թրքական պետութեան գործադրած հայասպանութեան պատասխանատուները պատժելու իր որոշումով, որ ամրագրուեցաւ «Նեմեսիս» գործողութեան առջեւ ծրագրումի եւ կազմակերպումի կանաչ լոյս բանալով:

74.- 12 հոկտեմբեր 1919: Կ՛աւարտի Երեւան ուժեղ ռատիոկայանի կառուցումը:

75.- 14 հոկտեմբեր 1919: Հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարար Նիկոլ Աղբալեան N 3298 գրութեամբ կը դիմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան, «Որպէսզի հնարաւոր լինի այսուհետ գոնէ խուսափենք այնպիսի ցաւալի դէպքի կրկնութիւնից, ինչպիսին է Անիի հնադարանի եւ շինութիւնների կործանումը` նախքան յատուկ օրէնք հրատարակելը հնութիւնների մասին, գլխաւորապէս վերաբերուող նրանց պահպանութեանը, սրանով խնդրում եմ ձեզ չմերժել հրահանգել ձեզ ենթակայ բոլոր վարչական մարմիններին եւ պաշտօնական անձանց, որ արթուն հսկողութիւն ունենան հնութեան յուշարձանների (աւերակ, կիսաւեր եւ կանգուն հին շինութիւնների, արձանի, եւ այլն) պահպանութեան վերաբերեալ, նախազգուշացնեն տեղական ազգաբնակչութեանը չքանդել հնութիւններն`     իբրեւ նիւթ ծառայեցնելով նոր շինութիւնների համար. մի հանգամանք, որ ներկայ վերաշինութեան պահին կարող է սովորական երեւոյթ դառնալ եւ իւրաքանչիւր տեղի ունեցած դէպքի մասին անյապաղ տեղեկացնել հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարարութեան»:

76.- 26 դեկտեմբեր 1919: Խորհրդարանը կ՛ընդունի պետական լեզուի մասին օրէնքը: Հայերէնը կը ճանչցուի որպէս պետական լեզու:

77.- 1 յունուար 1920: Նշեալ թուականէն մինչեւ 1 յունիս կրթութեան եւ արուեստի նախարարութեան յատուկ յանձնարարութիւններու կոմիսարի պաշտօնը կը վարէ Եղիշէ Սողոմոնեանը (Չարենց):

78.- 19 յունուար 1920: Դաշնակիցներու գերագոյն խորհուրդը իրողականօրէն (տէ ֆաքթօ) կը ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը:

79.- 31 յունուար 1920: Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) առեւտրային դպրոցի մէջ մեծ հանդիսութեամբ ու շուքով կը կատարուի բացումը Հայաստանի անդրանիկ համալսարանին, որ յաջորդ տարին կը փոխադրուի Երեւան:

80.- 18 փետրուար 1920: Կը հիմնուի Հայաստանի պետական Կարմիր խաչը:

(Շար. 5)

 

Ալան Յովհաննէս (1911 – 2000)

$
0
0

Մեր նախկին թիւերով լոյս ընծայած էինք Սիրվարդ Գարամանուկի վերաբերող գրութեան՝ նոյն հեղինակին ստորագրութեամբ. այսօր անդրադարձ կը կատարուի Ալան Յովհաննէսի, իսկ յառաջիկային ալ՝ այլ նշանաւոր արուեստագէտներու։

Խմբ.

———————–

ԳՐԻԳՈՐ ԱԼՈԶԵԱՆ

Ալան Յարութիւն Չաքմաքճեանը յայտնի է որպէս Ալան Յովհաննէս:

Ամերիկահայ յօրինողին համար երաժշտութիւնը յատկանշուած եւ օժտուած է խորհրդաւորութեամբ եւ ինքնահայեցողութեամբ: Ալան Յովհաննէսը կը նկատուի 20-րդ դարու ամենաբեղուն ստեղծագործողներէն մէկը: Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործութիւններուն ծրարը կ՛ընդգրկէ 67 համալրուած սիմֆոնիներ եւ 434 երաժշտական ստեղծագործութիւններ:

Ամերիկեան մամուլը Ալան Յովհաննէսի երաժշտական գործերուն տուած է զանազան գնահատականներ. «Յովհաննէսը կը փնտռէ մեղեդիին պատգամը», «Ժամանակակից երգահանը, որ ըսելիք ունի եւ զայն կ՛արտայայտէ գեղեցկօրէն»:

Ալան Յովհաննէսը ծնած է Պոսթըն, 1911 մարտ 8-ին: Հայրը բազմաթիւ գիրքերու, նաեւ հայ-անգլերէն բառարաններու հեղինակ է: Ալան Յովհաննէսը ստեղծագործել սկսած է 4 տարեկանին: 14 տարեկանին գրած է իր առաջին օփերաները: Ալան Յովհաննէս, ստեղծագործական աշխատանքի կողքին, կ՛ուսանի Նիւ Ինկլենտ երաժշտանոցին մէջ: Ան որպէս երգեհոնատար կը սկսի ծառայել Ուաթըրթաունի Հայ առաքելական եկեղեցիին մէջ: Շատ յաճախ ամէնօրեայ հացին համար ան նուագած է հիւանդանոցներու մէջ: Պոսթընի մէջ ազգութեամբ յոյն նկարիչ մը խորհուրդ կու տայ Յովհաննէսին` փնտռել ու գտնել իր հայկական հարազատ հոգեւոր երաժշտութիւնը եւ հաւատարիմ մնալ անոր:

Ալան Յովհաննէսը կը պատմէ.

«Մանկութեանս տարիներուն հայրս Կոմիտասի խմբերգներու հրաշալի ձայնագրութիւն ունէր: Կոմիտասը ինծի համար մինիմալիզմի ամենագերազանցելի վարպետ, է եւ անոր միջոցով ես ընկալեցի այն տուեալները, որոնք հնարաւորինս նուազագոյն նոթաներով առաւելագոյնը արտայայտելու գաղափարը ունին»:

Ալան Յովհաննէսի մտածումներէն.

«Ես կ՛առաջարկեմ ստեղծել այն ստեղծագործական ոճը, որ կ՛ոգեւորէ ունկնդիրը` իր պարզութեամբ, զերծ ըլլալով անցողական նորոյթէ, արհեստական պաճուճանքներէ եւ կեղծ խոհականութենէ, այլ ըլլայ ուղղամիտ, հզօր, անկեղծ, միշտ ինքնատիպ եւ երբեք անբնական»:

1940-ական թուականներուն կը սկսի Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործական գործունէութեան հայկական շրջանը:

Ան կը հիմնէ նուագախումբ, ղեկավարելով իր հայկական ստեղծագործութիւնները: 1950-ական թուականներուն ան Միացեալ Նահանգներու մէջ ունէր մեծ հռչակ` որպէս յօրինող, երաժիշտ ղեկավար, խմբավար եւ դաշնակահար:

Ան յաճախ կը բարձրանայ Անգլիոյ լեռները, ուր կ՛ամրապնդէ իր բնազանցական վերացական գիտելիքները: Լեռները եւ բնութիւնը հետագային կը դառնան իր ոգեշնչման աղբիւրը: Ստեղծագործական կեանքի այս շրջանին Ալան Յովհաննէսը աւելի ճանաչելի կը դառնայ` շնորհիւ իր կատարած ձայնագրութիւններուն Էմ. Ժի. Էմ սթիւտիոներու մէջ:

1955 թուականին իր «Առեղծուածային լեռը» սիմֆոնին կը կատարուի Հիւսթընի սիմֆոնիք նուագախումբին կողմէ, ինչպէս նաեւ շուտով կը ձայնագրուի:

Ալան Յովհաննէսը արժանացած է շարք մը պատուաւոր կոչումներու, ինչպէս նաեւ գնահատուած է Արուեստի եւ գրականութեան ամերիկեան ակադեմիային կողմէ:

Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործութիւններէն պահպանուած են 500 երաժշտական գործեր, որոնք կ՛ընդգրկեն բոլոր տեսակները` օփերաներ, համանուագներ եւ 60 սիմֆոնիներ:

1994 թուականին Ալան Յովհաննէսը կը խոստովանէր հետեւեալը. «Ես չեմ վախնար մահանալէ, որովհետեւ այն կողմը այնքան շատ ընկերներ զիս կը սպասեն»: 1996 թուականին երաժիշտին առողջութիւնը զգալիօրէն կը վատանայ, եւ 80 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ան կը դադրի ստեղծագործելէ, եւ ահա 3 տարի ետք, 2000 թուականին կը մահանայ:

 

 

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live