Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12090 articles
Browse latest View live

Սլաք. 8 Մարտի Թրքավարի Նուէր

$
0
0

ԼԱԽՏ

8 մարտին, մինչ ամբողջ աշխարհի տարածքին մարդիկ հեւքի մէջ էին Կիներու միջազգային օրուան առիթով իգական սեռի ներկայացուցիչներուն պէս-պէս ծաղիկներ ու նուէրներ ընտրելու եւ նուիրելու, թրքական իշխանութիւնները իրենց երկրի կիներուն համար ընտրեցին ոչ հասարակ, իւրայատուկ նուէր մը` արտայայտելու համար փափուկ սեռին նկատմամբ իրենց ունեցած անզուգական ու խոր գնահատանքին, մեծարանքին ու սիրոյն ամբողջ տարողութիւնը:

Անոնք յղացան «լուսաւոր գաղափար» մը` 8 մարտին, յեղաշրջման փորձի մեղադրանքով բերման գիր արձակել Պոլսոյ եւ 29 այլ թրքական քաղաքներու բնակիչներէն 121 կիներու դէմ: Այդ որոշումը հանգամանալից կերպով յայտարարուեցաւ Թուրքիոյ ընդհանուր դատախազութեան կողմէ: Եւ որպէսզի անակնկալը ըլլայ ամբողջական, թրքական ոստիկանութիւնը 8 մարտի արշալոյսին շղթայազերծեց գործողութիւն մը` բերման ենթարկելու «բախտաւորներ»-ը, որոնք վստահաբար իրենց ուրախութենէն արտասուեցին: Ի վերջոյ Կիներու միջազգային օրը դիմաւորելու ի՛նչ աւելի լաւ ձեւ:

Այս լուրը հաղորդող թրքական «Զաման» օրաթերթը զլացաւ նշել, թէ Թուրքիոյ կիները իրենք զիրենք որքանո՞վ մեծարուած զգացած են, նախանձը քանի՞ կին կրծած է եւ այդ իւրայատուկ պատիւին չարժանացած քանի՞ կին իր բախտը անիծած է եւ… իր ամուսինը այպանած:

 

 


Տօնդ Շնորհաւոր, Հա՛յ Ուսուցիչ

$
0
0

Նորահաս սերունդներու կրթութեան գործը միշտ ալ արժանացած է պետութիւններու անմիջական գուրգուրանքին եւ հոգածութեան: Կրթական ոլորտը յառաջադէմ եւ նոյնիսկ երրորդ աշխարհի պատկանող երկիրներուն մէջ կը շարունակէ վայելել պետութեան հովանաւորութիւնը` համահաւասար կերպով առիթ տալով բոլորին ստանալու տարրական եւ երկրորդական ու ընդհանրապէս համալսարանական բարձրագոյն ուսում: Հաւաքականութեան մը բնականոն եւ առողջ զարգացումը, ինչպէս նաեւ տուեալ հաւաքականութիւնը նոր ներուժով պատուաստելու եւ անոր կեանքին ժամանակակից հնչեղութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը, դպրոցն ու անոր սպասաւորները մի՛շտ ալ դարձուցած են մեր հաւաքական կեանքին մէջ հիմնական դերակատար: Ժողովուրդը իր կարգին մեծ ակնկալիքներով եւ սպասումներով մօտեցած է ու արժեւորած դպրոցը եւ ուսուցիչը:

Հայ կեանքին մէջ դպրոցը ունի յաւելեալ պարտաւորութիւն: Եթէ հայրենի հողին վրայ դպրոցական համակարգը անմիջականօրէն կը վայելէ պետութեան հովանաւորութիւնը, նոյնը չէ պարագան սփիւռքին եւ այս պարագային Լիբանանի, ուր համայնքներն ու միութիւնները, ժողովրդային նեցուկով ու զօրակցութեամբ, անկարելին կարելի դարձնելով կը փորձեն երաշխաւորել հայ դպրոցի հեզասահ երթը եւ սատար կը հանդիսանան անոր յառաջընթացին ու զարգացման:

Այո՛, հայ դպրոցը սփիւռքի տարածքին հայկականութեան դարբնումի կռուանն ու հնոցն է, մեր ապագայի կերտիչը, եւ բնական է, որ հայ քաղաքական միտքը ազգային ու գաղափարական ամուր հենքի վրայ տեսնէ անոր գործունէութիւնը եւ նպատակասլաց երթը:

Այսօր, 9 մարտին, ահաւասիկ կը նշենք ուսուցիչին` մեր պարագային հայ ուսուցիչին տօնը: Կը խոնարհինք իրերայաջորդ սերունդներու վաստակին, ցուցաբերած զոհաբերութեան ու ներդրած մեծ ճիգին դիմաց: Կը գիտակցինք, որ այս ասպարէզը հայրենանուէր ու ժողովրդանուէր կոչումի եւ առաքելութեան ընկալում ու դրսեւորում է: Համոզուած ենք, որ յատկապէս համաշխարհայնացման ու արհեստագիտութեան զարգացման այս թոհուբոհին մէջ, երբ մարդկային ու ազգային արժեհամակարգի պահպանումը դարձած է լուրջ մարտահրաւէր, երբ մեր հաւաքական կեանքէն օտարացումն ու անտարբերութիւնը անբացատրելիօրէն դարձած են վարակիչ ու մտահոգիչ, հայ ուսուցիչին կատարած գործը կը շարունակէ մնալ ամէնէն նուիրականն ու վաւերականը:

Վարձքդ կատա՛ր հայ ուսուցիչ, դուն արժանի ես ամէն յարգանքի, որովհետեւ մեծ է քու առաքելութիւնդ, ծանր է պարտաւորութիւնդ եւ միշտ անհրաժեշտ է անսահման համբերութիւնդ. սակայն այս բոլորին կողքին միշտ մեծ եղած է քու վարձատրութիւնդ այն հանգամանքով, որ քու ճամբովդ հասակ նետող ու կազմաւորուող սերունդները շարունակած են ու կը շարունակեն հայկականացնել մեր կեանքը, վառ պահել ազգային պահանջատիրական ոգին եւ անշահախնդիր ծառայել ազգին ու հայրենիքին: Սերունդներու այս նուիրագործումը արդար հպարտութիւն կը պատճառէ քեզի, ինչ որ կարելի չէ գնահատել շքանշաններով, մեծարանքի հանդիսութիւններով ու այլ վարձատրութիւններով:

Ուժդ անսպառ եւ երթդ բարի, հա՛յ ուսուցիչ:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Հայ Կնոջ Տօնը

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Կանանց միջազգային տօնին առիթով, յատուկ կարեւորութեամբ կը շնորհաւորենք աշխարհի որեւէ անկիւն ապրող իւրաքանչիւր հայ կնոջ տօնը:

Տօն, որ կնոջ ըլլալու կողքին, տօնն է իւրաքանչիւր անհատի, համայն մարդկութեան:

Տօն, որ հայ կնոջ տօնը ըլլալու իւրայատկութեան կողքին, տօնն է իւրաքանչիւր հայու, համայն հայութեան, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի:

Մեր ալ տօնն է այս, Լիբանանի հայութեան, իր բաղկացուցիչ բոլոր տարրերով, բոլոր կառոյցներով, կազմակերպութիւններով, յարանուանութիւններով, եկեղեցական թէ աշխարհիկ հաստատութիւններով:

Կնոջ միջազգային տօնը, համամարդկային իր արժէքով, տօնն է հայ մօր, կնոջ, քրոջ, տատիկին, հայ ուսուցչուհիին, բանուորին ու պաշտօնեային, հայ կին գործատիրոջ, թէ լրագրողին, հայ կամաւոր աշխատողին, թէ կին դերասանին, հայ կին պետական պաշտօնեային, թէ ազգային հասարակական կեանքի մէջ գործօն դերակատարութիւն վերցուցած առաջնորդող ու որոշում կայացնող հայ կնոջ:

Տօնը, սակայն, նշումէն անդին, առիթ է առօրեայ կեանքի, առօրեայ սկզբունքի, առօրեայ գործի: Տօնն է զանոնք իրականութեան վերածելու:

Խնդիրը կիներու իրաւունքի միջազգային չափանիշներու գործադրութիւնը ըլլալու կողքին, հայկական իրականութեան մէջ այդ չափանիշները հայացնելու, հայակեդրոն դարձնելու հարցն է:

Ու այս հարցը եթէ համալիբանանեան իմաստով վերջին քանի մը տարիներուն գրաւած է քարոզչական հրապարակն ու պահանջատիրական փուլ մտած է, սակայն Լիբանանի ներհայկական թատերաբեմին վրայ, նախորդ դարու իննսունականներէն արդէն, եւ խոր համոզումով ու առանց աղմուկի հայ կինը իր դերակատարութիւնը զարգացուցած է թէ՛ պետական բարձրաստիճան դիրքերու, թէ՛ քաղաքապետական խորհուրդներու, թէ՛ պետական կառոյցներու եւ առընթեր խորհուրդներու մէջ ներկայութեամբ:

Ազգային կեանքի մէջ եւս դերակատարութիւնը հայ կնոջ աստիճանաբար ուժեղ դարձած է: Ազգային երեսփոխանական ժողովի, Ազգային վարչութեան եւ խորհուրդներու անդամակցութեան վրայ արագ ակնարկ մը` ինքնին խօսուն կը դարձնէ մեր հաստատումը:

Դեռ չենք խօսիր կրթական, բարեսիրական, մշակութային թէ մարզական բնագաւառներու մէջ հայ կնոջ հետզհետէ եւ արագօրէն զարգացող դերակատարութեան մասին:

Ու այս յարաճուն զարգացումը ինքնաբերաբար կ՛առաջնորդէ քաղաքական կեանքի մէջ յաւելեալ ուժ եւ ներկայութիւն ըլլալու իրականութեան:

Իսկ ինչ կը վերաբերի լիբանանեան մակարդակի պահանջներուն` վաղ ամուսնութեան խնդիր, բռնութեան հարց, հաւասար ամսաթոշակի արդարութիւն, լիբանանցիութիւն շնորհելու կնճիռ, մեր իմացութեան սահմաններով ու բաղդատաբար այլ միջավայրերու, բարեբախտաբար, հայկական իրականութեան մէջ նման դրսեւորումներ շատ աւելի նուազ կշիռ կը ներկայացնեն` պահելով անշուշտ զանոնք դարմանելու հարկադրանքը:

Թէ անհրաժեշտ է մեր հայկական իրականութեան մէջ աւելիով խթանել հայ կնոջ դերակատարութիւնը, անվիճելի իրականութիւն է:

Այո՛, անհրաժեշտ է բարեփոխել ու ներկայ պայմաններուն եւ հաւասարութեան սկզբունքներուն պատշաճեցնել հայ համայնքի ներքին կանոնագրի բացթողումները:

Անհրաժեշտ է անտարակոյս վերանայիլ անձնական իրաւունքի եւ դատաստանագիրքի կարգ մը յօդուածները, որոնք հինէն եկած` կը շարունակեն անհաւասարակշռութիւն ստեղծել ընտանեկան վէճերու եւ ամուսնալուծման խնդիրներու մէջ:

Անշուշտ անհրաժեշտ է աւելի զարգացնել կուսակցական թէ հասարակական կեանքին մէջ հայ կնոջ անվիճելի կարողութիւններուն համապատասխան դիրքեր տրամադրելը եւ կամ` խլել:

Այլ խօսքով, հայ ընտանիքին հիմը նկատուող հայ կինը, այր մարդուն հետ, հիմք է մեր ազգային իրականութեան:

Անհրաժեշտ է, մեր ինքնութեան եւ հայկականութեան ամրապնդման ի խնդիր, միասնաբար ձգտիլ, ծրագրել ու գործադրել հայ կնոջ ու հայ այր մարդուն միատեղ ներդրումը ապահովելու լաւագոյն ձեւերը:

Ի խնդիր ուժեղ հայութեան:

Ի սպաս հզօր Լիբանանի:

 

 

 

Մեր Հօր` Արմենակ Աշճեանին

$
0
0

Մարդ մը… Արմենակ Աշճեան. կեանք մը, ողջախոհ մը,  երիտասարդութեան ծարաւ պայքար մը` քաղաքական, գաղափարական եւ պատկանելիութեան համար. պայքար քաղաքական կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար: Կեանքի այս ուղին կը տանի ազատութեան ծարաւի ճանապարհ:

Փետրուար ամսուան ընթացքին մահը կը մօտենար եւ կը տխրեցնէր մեր ընտանիքին մօտիկ շրջապատին հոգին ու սիրտը` մեծ ցաւ ու տխրութիւն պատճառելով:

Մեր հայրը` Արմենակ Աշճեան, շատ կը տխրէր հայ ժողովուրդի պատմութեան, Հայոց ցեղասպանութեան համար, որ բռնութեան ամէնէն սաստիկ աստիճանն է:

Ան կ՛ընդվզէր ոմանց արտայայտութեան դէմ, որոնք կը վախնային նեղացնել Օսմանեան կայսրութիւնը եւ կը շարունակէին ուրանալ այն, ինչ որ ամբողջ աշխարհը գիտէր, 24 ապրիլ 1915-ի ողբերգութիւնը` Արեւմտեան Հայաստանէն հայերու տեղահանման թուականը:

Մեր մօր մտքին մէջ անցեալի տխուր տեսարանները կը կրկնուէին` անապատին մէջ մահը, կիներու բռնաբարութիւնը, որոնք աննախընթաց մարդկային ողբերգութիւններ են:

Իր ամէնէն թանկագին փափաքն էր մեր պատմութեան ճանաչումը` բոլոր երկիրներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւել եւ գտնել իսկական արձագանգ մը` բոլոր երկիրներուն մէջ: Անկէ ետք պահանջել, որ Թուրքիան զղջայ եւ ճանչնայ իր պատմութիւնը` առանց ապատեղեկատուութեան: Հայութեան հաւաքական ծրագրուած ջարդը կը յուզէր մեր հօրը սիրտն ու հոգին: Անհետացածներու յիշատակը միշտ կը սաւառնէր իր մտքին մէջ:

Մեր հայրը` Արմենակ Աշճեան, կը մտահոգուէր յիշողութեան համար, պարտականութիւն կը զգար աշխարհասփիւռ նոր սերունդներուն փոխանցել մեր պատմութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Իր մէջ կը պահէր հայոց պատմութեան վէրքը եւ մշակութային, պատմական, իրաւական եւ քաղաքական փոխհատուցման պահանջը: Յարատեւ կը պահանջէր, որ արդարութիւն ըլլայ:

Մեր հայրը` Արմենակ Աշճեան, կը սիրէր նաեւ Լիբանանը` մայրիներու երկիրը, որ իր սահմանները բացած էր ընդունելու հայ գաղթականները, ներառեալ զինք` եւ իր երկու եղբայրները, մեր հօրեղբայրները` Յակոբ Աշճեան եւ Աբրահամ Աշճեան (Աբօ) եւ անոնց մայրը` Վարդուհի Աշճեան:

Երեք եղբայրները սերտօրէն կապուած էին խոր սիրով, մեծ ջերմութեամբ եւ յարգանքով: Մէկը միւսին հերոսն էր: Անոնց նպատակն ու պայքարը մէկ էր, անոնց գաղափարախօսութիւնը համախմբուած էր նոյն քաղաքական կուսակցութեան շուրջը: Անոնք միշտ միաձուլուած էին լաւին ու գէշին համար: Անոնք երեք հրացանակիրներու պէս կը կազմէին միացեալ ճակատ` թշնամիին, օտարին, անսպասելիին եւ անյայտին դէմ:

Իր եղբայրներուն կորուստը անուղղելի բաց մը ձգեց մեր հօր սրտին մէջ: Անցեալի յիշատակներ, եղբայրներուն հետ ուրախ կամ նուազ ուրախ պահեր, մայրը, որ իր եւ իր եղբայրներուն կեդրոնական առանցքը կը կազմէր: Այս բոլոր յիշատակները իր մէջ կը պահէին պզտիկ բոց մը` մոմի նման, որ չի հալիր եւ մտքին մէջ անդադար կը շարժէ իրենց կեանքին պատմութիւնը սկիզբէն մինչեւ աւարտ:

Մեր հայրը միշտ կը մտածէր լիբանանահայութեան մասին, անոր գոյութեան եւ բարեկեցութեան: Ան հպարտ էր հայ երիտասարդութեամբ եւ հետաքրքրուած էր հայ մշակոյթով, հայ դպրոցներու դասաւանութեամբ եւ կրթութեամբ: Ուշադիր էր համայնքին վերաբերող բոլոր հարցերուն:

Մեր հայրը` Արմենակ Աշճեան, լայնամիտ, հասկացողութեան տէր եւ մտիկ ընող անձ մըն էր: Ան կարողութիւն ունէր իր երեխաներուն սխալները (եթէ կային) անտեսելու` անոնց թոյլ տալով բացայայտել իրենց սխալները, առանց անմիջականօրէն միջամտելու եւ ըլլալու բարոյախօս մը: Ան յստակ գիտէր, որ այդ դիւանագիտական մօտեցումը իր դրական արդիւնքը պիտի տայ` առանց բախումներու կամ վէճի, առանց սերունդներու միջեւ վիճաբանութեան:

Ցաւով ու սուգով ծանրաբեռնուած ենք, բայց կեանքը կը քշէ վէրքերը դէպի յիշողութեան անդունդը եւ մոռցնել կու տայ կեանքի ամէնէն ցաւալի պահերը:

Մենք կ՛աղօթենք մեր հօր համար, իր վերջին հանգիստին համար, դրախտի մէջ: Ան խաղաղութեան եւ հանգստութեան մէջ թող գտնէ իր սիրելիները:

Հողը թեթեւ գայ, հայրի՛կ:

ՃԻՄԻ ԵՒ ՌՈԶԻՆ ԱՇՃԵԱՆՆԵՐ

Յակոբ Եափուճեանի Յիշատակին

$
0
0

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Յակոբ Եափուճեանի հետ ծանօթութիւնս կը սկսի  1988 դեկտեմբերին, Երեւանի մէջ, Սփիւռքի հետ կապի կոմիտէի հրաւէրով Սփիւռքահայ  մշակութային միութիւններու խորհրդաժողովին: Համազգայինը բաւական պատկառելի  պատուիրակութեամբ Ժամանած էր Երեւան: Յակոբը` Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, կողքին ունէր դոկտ. Արմենակ Եղիայեանը, Կարպիս Հարպոյեանը, Գեղանի  Էթեմեզեանը: Տողերս գրողը կը ներկայացնէր Նոր սերունդ մշակութային միութիւնը:

Առաջին նիստին, ձեւականութիւնը յարգելով, պաշտօնական բարեւներ փոխանակեցինք: Պաղ պատերազմի  խե՜ղճ ներկայացուցիչներ… Նոյնը  շարունակուեցաւ  ճաշարանին մէջ, կէսօրուան  ճաշի ընթացքին: Խղճալի պահեր… կարծէք` մեզի վիճակուած էր փշրել Պերլինի պատը:

Երեկոյեան օթոպիւսով Ուջան մեկնեցանք: Հրաւիրուած էինք այցելելու զօրավար Անդրանիկի  յուշարձանը: Ընթրիքէն ետք միեւնոյն  օթոպիւսով կը վերադառնայինք Երեւան, երբ Կարպիս  Հարպոյեանը մօտենալով` հարցուց, թէ անպատեհութիւն կը զգայի՞ արդեօք կուսակցական երգեր լսելու պարագային: Միանգամայն «ո՛չ»  պատասխանեցի: Կարպիսը անմիջապէս միացաւ օթոպիւսի վերջամասին  նստած իր  ընկերներուն:  Համերգը սկսաւ:

Քանի մը վայրկեան ետք ներկայացաւ երիտասարդ մը` Յակոբ Եափուճեանը: Ծանօթացանք: Նախապաշարումներէ դուրս գալով` Յակոբ   հարցուց, թէ Վահրիճ Ճէրէճեանը կը ճանչնայի՞ արդեօք: Հաստատական պատասխանս ստանալէ  ետք բութամատը բարձրացնելով` ըսաւ. «Երկխօսութեան մարդ է, կ՛ենթադրեմ, որ դուն ալ անոր նման պիտի մտածես…»: Ապա ձեռքը ուսիս դնելով` ըսաւ. «Մենք ձեզմէ աւելի ազգային կուսակցութիւն ենք, սակայն դուք, մայր կուսակցութիւն ըլլալով` եկէք մեր մօտ, ձեր  երգերը  միասին պիտի երգենք…»: Համերգը եւ փառատօնը շարունակուեցաւ հիւրանոցին մէջ:

Խորհրդաժողովին  երկրորդ  օրը կողք-կողքի նստած` կը հետեւէինք ժողովի ընթացքին: Գրառումները միասին կը կատարէինք: Խորհրդաժողովի կազմակերպիչները  չէին կռահեր, թէ ի՛նչ կրնար պատահած ըլլալ, երբ օր մը առաջ  հազիւ բարեւող կողմերը միասին կը մասնակցէին  քննարկումներուն… Հրաշալի՜ օրեր:

Յակոբը հանդարտօրէն կը հետեւէր  օրակարգի կէտերուն: Մերթ գրաւոր, մերթ բերանացի կը ներկայացնէր Համազգայինի տեսակէտները: Մտահոգութիւնները միեւնոյնը ըլլալով, յաճախ ինք, նոյնպէս ալ ես, զոյգ կազմակերպութիւններուն անունով կը փոխանակէինք մեր տեսակէտները:

Յակոբին այս մօտեցումը սթափելու հրաւէր  մըն էր: Մտածել կու տար իրականութեան մը մասին: Ուրեմն բոլորս կրնայինք խօսիլ հայերէն… նոյն լեզուն: Հետեւաբար  անհրաժեշտ էր դուրս գալ  արհեստական պատնէշներէն: Սփիւռքահայ  երիտասարդը անհրաժեշտ էր դուրս բերել աւանդական նախապաշարումներէն: Մեր ազգային կեանքը որքա՞ն պիտի շահէր Յակոբի եւ անոր գործընկերներուն նման անձնաւորութիւններու  ներկայութենէն: Այո՛, կրնայինք ունենալ տարակարծութիւններ, սակայն ոչ մէկ ուժ, ոչ մէկ  իրավիճակ կրնար խախտել համոզումի եւ հաւատքի վրայ կերտուած համագործակցութիւնը:

Մեր միջեւ ստեղծուած սերտակցութիւնը, համազգային մտածողութեան ոգին զարգացան եւ  առ այսօր կը շարունակուին Պէյրութի մէջ: Դարձանք սերտ բարեկամներ: Յակոբը, դոկտ. Արմենակը, Գեղանին, Կարպիսը եւ տողերս գրողը, տարբեր միութիւններու ներկայացուցիչներ ըլլալով հանդերձ, միեւնոյն ճանապարհի եւ նպատակի  գործընկերներ ըլլայինք կարծէք:

Յակոբին հետ կարելի էր զրուցել իբրեւ երէց ընկեր,  բարեկամ, սրտցաւ հայ եւ անկեղծ բարեկամ:

Երբ  իմացայ Յակոբի մահուան գոյժը: Ժպտադէմ Յակոբը չկար այլեւս, կը մնար  յիշատակը, անոր կտակած լայնախոհութեան եւ համագործակցութեան աւանդը, որմէ դասեր պէտք է  քաղենք բոլորս:

 

 

 

Ծանր Պարտականութիւն (Յակոբ Եափուճեանի Յիշատակին)

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Մանկապարտէզէն-…Ճեմարան

Մեր դասընկերներէն մէկուն կանխահաս մահուան առիթով, տարիներ առաջ մահախօսական մը գրած էր Յակոբը: Այդ տարիներուն չկար համացանցի դրութիւն, եւ, բնականաբար, կարդալու առիթը չէի ունեցած: Տարիները անցան, եւ շնորհիւ արհեստագիտութեան բարիքներուն` վերագտանք մեր «կորսուած» ընկերներէն շատերը, որոնց կարգին` Յակոբ Եափուճեանը, որուն հետ դասընկերներ եղած էինք մանկապարտէզի օրերէն: Երկար տարիներու բացակայութեան պակասը լեցնելու միտումով էր կարծես, որ գրեթէ ամէնօրեայ կապի մէջ էինք: Իրարու շահեկան գրութիւններ կը փոխանակէինք, եւ օր մը ուղարկեց մեր հանգուցեալ դասընկերոջ` Նազարէթ Մուսքաճեանի մասին իր գրած մահախօսականը: Յուզիչ եւ տպաւորիչ էր, սակայն, սովորութեանս համաձայն, տխուր վիճակէս դուրս ելլելու միտումով, կատակելով գրեցի Յակոբին.

«Շատ լաւ գրութիւն է: Օր մը եթէ մեռնիմ, իմ մասին ալ քանի մը տող գրելու մի՛ մոռնար, եւ ես հանգիստ սրտով կը հեռանամ այս աշխարհէն, վստահ, որ գէթ մէկ հոգի պիտի անդրադառնայ իմ մասիս»:

Խնդացինք, սակայն հարցը հոն չվերջացաւ:

«Միտքդ հանգիստ «ճամբորդէ,-ինքն  ալ իր կարգին կատակեց:- Քանի այնքան հաւնեցար գրութիւնս, կը խոստանամ քանի մը տող ալ քու մասիդ գրել, սակայն` մէկ պայմանով: Եթէ ե՛ս քեզմէ առաջ մահանամ, դուն ալ իմ մասին մահախօսականով մը անդրադառնալու չմոռնաս»:

«Կէս կատակ, կէս լուրջ», մեր խոստումը չմոռցանք, թէեւ ոչ ոք կրնայ կռահել, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ առաջին «մեկնողը», եւ ո՞վ պիտի ըլլայ գրողը: Ներկայիս մէկ բան յստակ է: Սիրելի ընկերս` Յակոբը, ինձմէ աւելի արագ շարժեցաւ` ծանր պարտականութիւն մը դնելով ուսերուս վրայ:

Ամենադժուար բանն է մօտիկ ընկերոջ մը մասին մահախօսական գրելը: Եթէ իրարու խոստացած ըլլայինք հին օրերու յուշերէն քանի մը հատը վերյիշել, շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլար այդ ծանր պարտականութիւնը կատարելը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաահեղ տարիներուն Յակոբ պատնէշի վրայ էր, իսկ ես լքելով ծննդավայրս` հաստատուեցայ Լոս Անճելըս:  Երկար տարիներ մեր կապը կտրուեցաւ, մինչեւ` համացանցի գիւտը, որուն միջոցով վերագտանք մեր «կորսուած» ընկերները:

Յակոբին հետ ամէնօրեայ սովորութիւն դարձաւ իրարու նամակագրութիւնը, իսկ շաբաթ օրերը, իմ քովս առաւօտ, իր քով` երեկոյ, հեռաձայնային զրոյց:

«Բարի լոյս»-իս կը պատասխանէր «Բարի իրիկուն»-ով, իսկ երբ ի՛նք ըլլար հեռաձայնողը, իմ կարգիս, կարծես որպէս «հակառակութիւն», իր «բարի իրիկուն»-ին կը պատասխանէի «բարի լոյս»-ով: Իրարու հետ միշտ «անհամաձայն» կը թուէինք ըլլալ, սակայն խորքին մէջ այնքա՜ն համակարծիք էինք:

Դասընկերներով կազմած ենք ե-նամակի խմբակ մը: Յակոբը` Պէյրութի մեր ներկայացուցիչն էր: Բոլորս տեղեակ կը պահէր մեր ծննդավայրի հայկական բոլոր անցուդարձերուն մասին: Մշակութային, գրական, թատերական, մարզական, Համազգային, Ճեմարան, ո՞ր մէկը յիշեմ: Կ՛ուղարկէր «Ազդակ»-ի «50 տարի առաջ» սիւնակէն մեզ հետաքրքրող դէպքերէն վերյիշումներ, նաեւ մեզ կը «փոխադրէր» մեր մանկութեան ու պատանեկութեան տարիները:

«Քիչ առաջ Սուրբ Նշան յուղարկաւորութեան գացի: Կրնա՞ք երեւակայել, ամբողջութեամբ մահմետական քաղաքի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ, սեւ, երկար հագուստներով լաչակաւոր կիներ, մարդիկ փողոցները նստած` կլկլակ կը ծխեն, մանուկները կը վազեն:

Մեր «ֆուլճին», ուր երբեմն, երբ դրամ չունենայինք, ճերմակ ֆասուլիա կ՛ուտէինք, տակաւին տեղն է:

Պարոն Սագոյէն առաջ կարծեմ տիսք կամ ռատիօ ծախող մը կար, երբ Ատոմենց տունէն դէպի մզկիթ գայիր ու աջ դառնայիր, այդ մէկը չկայ, սակայն քովի «վերմակճին» տակաւին հոն է:

Մուսթաֆան շատոնց մահացած է:

Ահա ձեզ մինչեւ Զոքաք Պլաթ տարի»:

Յակոբ:

* * *

Յակոբը կը սիրէր անձի մը թաքնուած արժէքները յայտնաբերել:

Մեր «խմբակի» նամակագրութիւններով յաճախ կը յիշէինք մեր դպրոցական երջանիկ տարիներէն դէպքեր, դրուագներ, եւ օր մը գրած էի «Ճեմարանի փոստա»-ին մասին, որ ամէն օր մեզ կը հասցնէր մեր սիրելի դպրոցը:

Յակոբին սրտին խօսած էր գրութիւնս, եւ ներկայացուցած էր «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագրին: Վերջինս հետաքրքրական գտած էր եւ առաջարկեց հրատարակել: Նաեւ քաջալերեց, որ ուղարկեմ տարբեր գրութիւններ: Անշուշտ ուրախութեամբ ընդունեցի առաջարկը, եւ շնորհիւ Յակոբին եւ «Ազդակ»-ի խմբագիրի քաջալերանքին` «Ճեմարանի փոստա»-ն պատճառ դարձաւ, որ  դառնամ յօդուածագիր:

Երկուքիս գրութիւններուն մասին, նախքան` հայկական թերթերու մէջ հրատարակուիլը, յաճախ իրարու հետ կարծիքներ կը փոխանակէինք: Իրեն գրած էի, որ թրքերէն եւ թրքաբարոյ երգերու մասին յօդուած մը գրած եմ եւ շուտով պիտի ուղարկեմ:

Իր սրտին խօսող նիւթ մըն էր:

«Մի՛ կենար, շո՛ւտ ղրկէ»: Բառացիօրէն ճիշդ այսպէս եղաւ իր պատասխանը:

Գրութիւնս լոյս տեսաւ… իր մահէն շաբաթ մը ետք:

* * *

Գերերջանիկ էր երէց տղուն` Վարանդին հայ ընտանիք կազմելուն: Անբացատրելի հրճուանքի մէջ էր իր առաջին թոռնիկին` Արմէնին ծնունդով:

«Մէյ մը Հայկս ալ հայ ընտանիք կազմէր, ուրիշ բան չեմ ուզեր», կը կրկնէր յաճախ:

Թոռնիկին ծնունդը շատ բան փոխեց իր կեանքի ընթացքին մէջ: Երկու մտքի էր: Մոնրէա՞լ հաստատուիլ, թէ՞ մնալ Պէյրութ: Երկու քաղաքներուն մէջ ալ ընելիք շատ ունէր` ազգային, կուսակցական, մշակութային: Շատ բան տուած էր ազգին եւ պատրաստ էր շարունակելու իր «սուրբ գործը», սակայն…

Հրայր Մարուխեանի եւ Սարգիս Զէյթլեանի յօդուածներով սկսած հիանալի գործը պիտի շարունակէր Սագօ Սարգիսեանով, ինչպէս նաեւ` այլ դաշնակցական նուիրեալներով:

Աւա՜ղ: Իր շատ մը ծրագիրներուն նման, այս մէկն ալ չկրցաւ իրականացնել:

«Զաւարեան» ուսանողական միութիւն, Համազգային, Ն. Փալանճեան Ճեմարան, ԼԵՄ, ՀՅ Դաշնակցութիւն եղած են իր կեանքի հիմնական մտահոգութիւնները:

Գործէն վերադարձին, ազատ ժամերը, տունէն աւելի, կ՛անցընէր ազգային գործերով: Իր կրտսեր տղուն մանկութեան տարիներուն, երբ ընկերներէն մէկը կը հետաքրքրուի իր հօրը զբաղումով, Հայկ կը պատասխանէ.

– «Պապաս ակումբ կ՛աշխատի»:

Կարելի՞ է երեւակայել անձ մը, որ իր կեանքի ու մահուան ճակատամարտի վերջին փուլին, «մոռցած»` իր անհատական կամ ընտանեկան մտահոգութիւնները, աւելի առաջնահերթ կը նկատէ Համազգայինն ու Ճեմարանը: Իր եղբօր` Մկոյին, հազիւ լսելի, մարած ձայնով կը փսփսայ` «Ճեմարան» ու յաւերժ կը փակէ իր աչքերը: Այո՛, այսպիսի անձնաւորութիւն մըն էր մեր սիրելի Յակոբը:

Յակոբին հետ մանկապարտէզի նստարաններէն դասընկերներ եղած ենք եւ մեր երկար տարիներու անկեղծ բարեկամութեան շարունակութիւնը վերջ գտաւ միայն … իր կորուստով:

Վերջնական հանգիստը գտաւ այնքա՜ն սիրելի ծննդավայրին մէջ, սիրելի ծնողքին կողքին:

Ննջէ՛ հանգիստ, սիրելի՛ դասընկերս, գաղափարակից ընկերս, գրչեղբայրս, նոյնիսկ չեմ վարանիր ըսելու` հարազատ եղբայրս:

Լոս Անճելըս, 2018

 

Ազնուահոգի Մարին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

$
0
0

Մ. ԽՕՇԵԱՆ

Փխրուն սիրտ մը, ազնիւ հոգի մը, ժպտերես ու լաւատես անձ մըն էր Մարին, թէեւ աշնան տարիքին չէր հասած, սակայն յոգնած տերեւի նման թափեցաւ գետին` չդիմանալով առողջութեան անակնկալ վատթարացման: Երկար չտեւեց հիւանդութիւնը, որ պատրաստէր շուրջինները կեանքի անսպասելի աւարտին:

Մուսալեռցի Հաճեան ծնողներու միակ աղջիկ զաւակը` ծնած ու մեծցած էր Հալէպի մէջ: Ուսանած` տեղւոյն Աւետ. Էմմանուէլ վարժարանին մէջ, ապա` Ալեփփօ քոլեճին մէջ: Թէեւ բարձրագոյն ուսման չէր հասած, սակայն իր մտապաշարը հարուստ էր: Հաճոյքով մտիկ կ՛ընէինք զինք: Կը խօսէր մշակոյթէն, արուեստներէն, գրականութենէն, կրթական կեանքէն: Ընտանիքին սրբութիւնները առաջնահերթ կը համարէր:

Այնճարի մէջ ընտանիք կազմեց Ժան Աբրահամեանին հետ: Սարհատը եւ Միսաքը` երկու մանչերը, մեծցուց եւ հայօրէն դաստիարակեց նահապետական ընտանիքին մէջ` մեծ հօր եւ մեծ մօր ներկայութեան: Չներեց անկաշկանդ զաւակներու, որոնք դպրոցէն ներս եւ ընկերական շրջանակներու մէջ եղան խնդրոյ առարկայ եւ հարցերու աղբիւր: Կը սիրէր խաղաղ յարաբերութիւն մշակել ընկերուհիներու, դրացիներու եւ ընտանեկան պարագաներու  հետ: Որպէս երկար տարիներու ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամ` Մարին իր ծառայութիւնը չզլացաւ երբեք. տարաւ հաշուապահութեան պատասխանատու պաշտօնը` իրերայաջորդ վարչական կազմերու մէջ: Սրբազան առաքելութիւն կը սեպէր իւրաքանչիւր համեստ  լումայի ընծայաբերումը ԼՕԽ-ի գանձանակին մէջ: Կը թելադրէր «ագահ» չըլլալ աշակերտներու կրթանպաստներուն նկատմամբ, իսկ երբ հերթը հիւանդներուն օժանդակելու կու գար, կ՛ըսէր. «ԼՕԽ-ին քսակը պէտք է  բացուի առաւելագոյն չափով»:

Մարին արուեստի ջատագով մըն էր: Կը քաջալերէր գիւղիս  մէջ կազմակերպուած ազգային, կրթական, միութենական եւ մշակութային բոլոր ձեռնարկները: Իր երկու թոռնուհիներուն` Լիլիթին եւ Արինային գեղեցիկ ելոյթները դպրոցական բեմերուն վրայ` իրեն համար հարստութեան համազօր էին, որոնցմով կը հպարտանար լռելեայն, առանց բարձրաձայնելու:

Մարին, թէեւ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին երիցագոյնն էր, բայց սրտով, վարքով եւ մտածելակերպով  համակերպող էր. ներկայութիւնը հաճելի եւ ուսուցանող էր: Բացառիկ կենցաղագէտ էր. կը սիրէր յարգել ընթացիկ առիթներուն պարտադրած կենցաղավարութեան կերպերը: Ցաւով կ՛արտայայտուէր նոր սերունդին մակերեսային մօտեցումներուն: Կ՛ընդվզէր յաճախ անյարմար նիստ ու կացի երեւոյթներուն պարագային:

Չափաւոր, զուսպ, խաղաղասէր, ընթերցասէր ու ազնուահոգի Մարին մեզ լքեց անժամանակ, սակայն իր թողած անջնջելի յիշատակները  պիտի մնան առյաւէտ մեր սրտերուն մէջ:

Սիրելի՛ Մարի,  հոգիդ թող ննջէ խաղաղ երկնքի լոյսերուն մէջ:

 

 

«Շախս»-ն Ալ Գնաց… (Յակոբ Եափուճեանի Անմոռանալի Յիշատակին)

$
0
0

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հաւատալս չի գար, որ այդպէս` յանկարծ, «Շախս»-ը չկայ այլեւս:

«Զաւարեանական» մեր սերունդին «Շախս»-ն էր` «յարգանք պարտադրող անձնաւորութի՛ւն»-ն էր Յակոբ Եափուճեան, որ իր ամբողջ կեանքը իմաստաւորեց ազգին ու հայրենիքին հանդէպ դաշնակցական ծառայութեան անսակարկ անձնուիրումով:

Կեանքը կանուխէն մեզ իրարու մօտեցուց Լիբանանի մէջ եւ բնաւ իրարմէ չհեռացուց, նոյնիսկ երբ վերջին երեսուն տարիներուն տարբեր երկիրներու մէջ ապրեցանք` ինք Լիբանան եւ երբեմն Քանատա, ես` ընդհանրապէս Յունաստան, իսկ տասը տարի ալ` Հայաստան:

Քանի մը տարի առաջ որոշ անհանգստութիւններ անցուց, օրին լրջօրէն մտահոգուեցաւ իր առողջական վիճակին խանգարումով, բայց սկաուտական մաքրութեամբ ամբողջ կեանքը հունաւորած ըլլալով «առողջ միտք` առողջ մարմնի մէջ» սկզբունքով, պարզապէս աւելի ուշադիր եւ շրջահայեաց դարձաւ, որոշեց լրիւ քաշուիլ աշխատանքէ եւ աւելիով հանգիստ ընել ու մտաւորական իր հետաքրքրութեանց գոհացում տալով ժամանակը լեցնել:

1968-1969 տարեշրջանին սկսաւ մեր դաշնակցականի ծանօթացումը եւ գործակցութիւնը` ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական եւ աշակերտական միութեանց փոքրաթիւ, բայց էապէս մեծ ընտանիքին մէջ: Ինք տարեց էր, Էշրեֆիէի շրջանէն` ուսանողականի վարչական անդամ եւ ընդհանուր վարիչ` Քաղաքի ու Պուրճ Համուտի աշակերտականներուն մօտ, իսկ ես կրտսեր` այդ ատեն ատենապետն էի Պուրճ Համուտի «Զաւարեան» աշակերտական միութեան: Ինչպէս կ՛ըսեն` մեր ջուրը քալեց եւ շատ արագօրէն մտերմացանք իրարու հետ: Գաղափարական եւ ընկերական սկզբնական այդ մօտիկութիւնը աւելիով խորացաւ, երբ իր կրտսեր եղբօր` Մկօ Եափուճեանի հետ ընկերացանք ուսանողականի մեր տարիներուն` հետագային ընտանիքներով ալ բոլորս հարազատ դառնալով իրարու:

Ինչ որ սկզբնական այդ շրջանէն «Շախս»-ին վերաբերեալ տպաւորութիւն յառաջացած էր մէջս` ազգային-կուսակցական մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան – նաեւ ընկերային յարաբերութեանց առումով – շարունակ արմատաւորուեցաւ եւ խորացաւ:

Երիտասարդական օրերէն` Յակոբի գլխաւոր արժանիքը մարդոց` դասընկերներուն, գործընկերներուն թէ միութենական-կուսակցական ընկերներուն մէջ ընդհանրապէս լաւն ու արժանաւորութիւնը փնտռելու, գտնելու եւ յարգանքի ու խրախուսանքի արժանացնելու ինքնաբուխ բարութիւնն ու ազնուականութիւնն էր:

Զաւարեանականներուս բնորոշ խստապահանջութիւնը «Շախս»-ի պարագային կը դրսեւորուէր… ամենայն նախանձախնդրութեամբ: ՀՄԸՄ-ական իր դաստիարակութեա՞մբ, թէ՞ Ճեմարանի մթնոլորտէն եւ Վրացեաններէն քաղած իր արժէքներու ընկալումով` Յակոբ տրամադիր չէր պարագաները առանց սպառիչ քննութեան ենթարկելու դատավճիռներ արձակելու:

Այդպէ՛ս ապրեցաւ եւ գործեց թէ՛ Դաշնակցութեան, թէ՛ ՀՄԸՄ-ի, թէ՛ Համազգայինի եւ թէ՛ Ազգային իշխանութեանց մէջ` պատասխանատուութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ ալ: Եւ Յակոբ Եափուճեան միշտ մնաց պատնէշի վրայ` առաջին դիրքերը յաճախ զբաղեցնելով եւ միշտ անսակարկ նուիրաբերելով իր անձն ու կարողութիւնը, իր ժամանակն ու կենսունակութիւնը:

Յակոբի միւս գլխաւոր արժանիքը եղաւ անոր սկզբունքայնութիւնն ու գաղափարական համոզումներուն հաւատարիմ գործելու հաստատակամութիւնը: Խորապէս ժողովրդավար ըլլալով` միշտ յարգեց ուրիշին կարծիքը, ի հարկին ընդունեց նաեւ իր սխալներն ու թերացումները, բայց ոչ մէկ պարագայի դաւաճանեց իր խղճմտանքին` արդարութեան, պարկեշտութեան եւ համերաշխութեան ծառայելու իր անսակարկելի յանձնառութեան:

Այդ առումով ալ, իր ստանձնած բոլոր պատասխանատուութեանց եւ ղեկավարած աշխատանքներու ընթացքին, Յակոբ Եափուճեան որեւէ կամուրջ չայրեց եւ երկխօսութեան, իրարհասկացողութեան ու համերաշխութեան դուռ մը միշտ բաց պահեց բոլորին հետ… ի վերջոյ բարիին եւ արժանաւորին, արդարին եւ իրաւազրկեալին ի նպաստ դրական քայլ մը ապահովելու մտասեւեռումով:

«Շախս»-ի իր արժանաւորութիւնը Յակոբ ամրագրեց նաեւ գործի ասպարէզին մէջ` իր արձանագրած յաջողութեամբ եւ տեւական վերելքով: Առեւտրական գործարարութեան եւ հաշուապահութեան մէջ մասնագիտացած` Յակոբ Եափուճեանի աշխատասիրութիւնն ու բծախնդրութիւնը, այլեւ ու մանաւանդ ժամանակին հետ քայլ պահելու բաց միտքն ու պատրաստակամութիւնը իր հաշուոյն վստահութեան անփոխարինելի դրամագլուխ մը յառաջացուցին` օտարներուն մօտ եւս բարձրացնելով իր վարկանիշը:

Յակոբ Եափուճեան անդարձ մեկնած է արդէն:

«Շախս»-ն ալ գնաց…

Մնացողներս տակաւին չենք կրնար հաւատալ, որ այսպէս անակնկալ կրնար երթալ մեր ընկերը, մտերիմը, հարազատը:

Մանաւանդ մեզմէ անոնք, որոնք վերջին չորս-հինգ տարիներուն համացանցի վրայ մնայուն հաղորդակցութեան մէջ էին Յակոբին հետ, այսօր դժուարութիւն ունին հաշտուելու այն գաղափարին հետ, որ այլամերժութեան եւ անհանդուրժողականութեան այսօրուան անշնչելի մթնոլորտին մէջ այլեւս պիտի չլսենք կամ չկարդանք Յակոբին յորդորները` հաւատքը չկորսնցնելու եւ դիմանալու նեղ օրերուն, որոնք ի վերջոյ պիտի անցնին:

Տիրացուական քարոզներ չէին յոյս ու հաւատք ներշնչող «Շախս»-ի յորդորները: Իր վերջին նամակներէն մէկուն մէջ արդարօրէն կը պոռթկար, թէ «Այս ընթացքով ո՞ւր պիտի հասնինք` չեմ գիտեր: Մտածող մարդը կամ մտաւորականը իր մտահոգութիւնները ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի արտայայտէ` չեմ գիտեր: … Գերլճացած վիճակի է: Ո՛չ մէկ խորհրդածութիւն կամ խորհրդակցութիւն որեւէ մակարդակի»: Բայց անմիջապէս կ՛աւելցնէր` «Մի՛ մտահոգուիր, թեթեւի առ»:

Մեր կեանքին տաքն ու պաղը աւելի քան քառասուն տարի մօտէն ճաշակած, առաջին աղբիւրէն ջուրը խմած, նաեւ իր սեփական մորթին վրայ անարդարութիւններ զգացած` Յակոբ Եափուճեան ահա գացած է միանալու անոնց, որոնք նոր ժամանակներ մեր մուտքը հունաւորեցին` ազգի եւ հայրենիքի հանդէպ անձնազոհ եւ անսակարկ ոգիով դաշնակցական ծառայութեան անկորնչելի աւանդը կտակելով նորերուն:

 

 


Հարիւր Պատմական Դէպք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

31- 1 օգոստոս 1918: Երեւանի Քաղաքային ակումբի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի խորհուրդի անդրանիկ նիստի հանդիսաւոր բացումը: Աւետիք Սահակեան Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը ստանձնեց (Սահակեան այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1 օգոստոս 1919 թուական):

Հայաստանի խորհուրդի անդրանիկ նիստին հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ հիւրերու եւ 46 պատգամաւորներու մասնակցութեամբ. խորհուրդին կազմը ձեւաւորուած էր Ազգային խորհուրդի եռապատկումով ու այլազգիներու ներգրաւումով. 38 հայ, 6 թուրք-թաթար, մէկ ռուս եւ մէկ եզիտի: Նիստին ներկայ էին` նաեւ Գերմանիոյ, Աւստրօ-Հունգարիոյ եւ օսմանեան Թուրքիոյ ներկայացուցիչները, Պարսկաստանի հիւպատոսը, ռուս եւ մահմետական ազգային խորհուրդներու ներկայացուցիչները: Հայ բարձրաստիճան զինուորականներէն ներկայ էին սպարապետ Թովմաս Նազարբեկեանն ու Մովսէս Սիլիկեանը:

32- 1 օգոստոս 1918: Միքայէլ Նալպանտեանի «Մեր հայրենիք» երգին վիճակուած էր դառնալ առաջին հանրապետութեան օրհներգը: «Մեր հայրենիք» երգը սկիզբէն ի վեր օրհներգի կարգավիճակ չունէր: 1859-ի յունիսին Նալպանտեանը գրեց «Իտալացի աղջկայ երգը», որ 1861-ին Կոմս Էմանուէլ կեղծանունով տպագրուեցաւ Մոսկուայի հայկական «Հիւսիսափայլ» ամսագրին մէջ: Նալպանտեանը կը գովերգէր հայրենիքի ազատութեան համար մարտնչելու պատրաստ իտալուհիները` զանոնք որպէս օրինակ բերելով սեփական հայրենակցուհիներուն համար:

Բանաստեղծութիւնը կը պատմէ 1857-ին իտալական Սարպիի մէջ տեղի ունեցած մարտերու մասին:

1885-ի մարտ 15-ին, ուրբաթ, թիֆլիսեան «Արծրունի» թատրոնին մէջ երգչախումբի կատարումով տեղի ունեցաւ «Իտալացի աղջկայ երգի» համաշխարհային առաջին ներկայացումը: Նալպանտեանի բանաստեղծութեան համար երաժշտութիւնը գրած էր երիտասարդ ինքնուս Խաչատուր Մարգարեանը` Քրիստափոր Կարա-Մուրզան, որ, ինչպէս եւ Նալպանտեանը, կը խուսափէր անունը ազդարարել. երաժշտութեան հեղինակը նշուած չէ անգամ նոթաներու բնօրինակին վրայ: Պէտք է ըսել, որ Բարսեղ Կանաչեանի անունը, որուն այսօր կը վերագրեն հայկական օրհներգի երաժշտութիւնը, առաջին անգամ յայտնուած է  Կոմիտաս վարդապետի աշակերտներու կողմէ, 1919-ին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ լոյս տեսած ժողովածուին վրայ:

Թիֆլիսեան շնորհահանդէսէն ետք Կարա-Մուրզայի երգը յայտնի դարձաւ հայկական համայնքներուն մէջ: Շուտով, առաջին բառերէն ելլելով, ան կը սկսի կոչուիլ «Մեր հայրենիք»:

33- 1 օգոստոս 1918: Առաջին անգամ պաշտօնապէս հայկական եռագոյնը բարձրացաւ. Ազգային ժողովի բացման օրը առաջին անգամ ծածանեցաւ կարմիր-կապոյտ-դեղին պաստառը: Անմիջապէս յաջորդ օրը թերթերուն մէջ լոյս տեսաւ կառավարական հրամանը, որ կը սահմանէր բոլոր կազմակերպութիւններուն պարտադիր եռագոյն ունենալ:

Գոյներու ընտրութեան ժամանակ կանգ առին հայկական վերջին պետականութեան` Կիլիկիան թագաւորութեան խորհրդանիշին վրայ: Կարմիրը, կապոյտը եւ դեղինը զինուորական միաւորումներու գոյներն էին, հետագային դեղինը որոշեցին փոխել, քանի որ կարմիրի, կապոյտի եւ նարնջագոյնի համադրումն առաւել ակնահաճոյ համարեցին:

34- 3 օգոստոս 1918: Տեղի ունեցաւ Հայաստանի խորհրդարանի երկրորդ նիստը, ուր ելոյթ ունեցաւ վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունին` ներկայացնելով կառավարութեան ծրագիրը:

«Բացառիկ ծանր պայմանների մէջ է գործի անցել իմ կազմած կառավարութիւնը: Նա կոչուած է իրականացնելու գործադիր իշխանութիւն մի պետութեան մէջ, որ դեռ նոր է ծնունդ առել եւ տակաւին դուրս չի եկել իր կազմակերպման առաջին շրջանից: Կառավարութեանը` չունի ո՛չ մի յենարան անցեալում. նա չի՛ յաջորդում նախկին կառավարութեանը` շարունակելու արդէն ընթացքի դրած պետական աշխատանքը. նա նոյնիսկ չի ժառանգում կեդրոնական իշխանութեան կարիքներին յարմարեցրած պատրաստի ապարատներ: Նա հարկադրուած է սկսելու ամէն բան սկզբից. անձեւ քաոսի եւ աւերակների կոյտից նա պէտք է ստեղծի կենսունակ եւ աշխատունակ մի մարմին»:

35- 3 օգոստոս 1918: Տեղի ունեցաւ Հայաստանի խորհուրդի երկրորդ նիստը, ուր վարչապետ Քաջազնունի ներկայացուց իր կառավարութեան ծրագիրը` առ ի օրէնսդիրի հաստատում, «ներքին գործերի սահմաններում» առաջնահերթութիւնը տրուեցաւ հետեւեալ գործնական քայլերուն.

1.- Հաստատել երկրում տարրական իրաւակարգ, կեանքի ու գոյքի ապահովութիւն:
2.- Բանալ հաղորդակցութեան ճանապարհները` անարգել երթեւեկութեան համար:
3.- Վերականգնել փոստ-հեռագրական նորմալ հաղորդակցութիւն թէ՛ երկրի մէջ եւ թէ՛ հարեւան պետութիւնների հետ:
4.- Եռանդուն միջոցների դիմել կարելւոյն չափ մեղմացնելու պարենաւորման տագնապը:
5.- Տնօրինել գաղթականների եւ փախստականների վիճակը, մասամբ վերադարձնել իրենց տեղերը, մասամբ տեղաւորել նոր վայրերում:
6.- Նախապատրաստել Հայաստանի Սահմանադիր ժողովի հաւաքումը կարելւոյն չափ շուտ:

36- 14 օգոստոս 1918: Երեւանի մէջ կը սկսի լոյս տեսնել Հայ ժողովրդական կուսակցութեան (ՀԺԿ) օրկան «Ժողովուրդ» լրագիրը:

37- 15 օգոստոս 1918: Հայկական բանակի օդուժի հիմնադրման թուականն է: Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք ռուսական հրամանատարութեան կողմէ հայկական բանակի տնօրինութեան յանձնուած էր 2-րդ, այլ տուեալներով` 3-րդ կովկասեան տորմիղը, որ եւ դարձաւ հայկական բանակի օդուժի հիմքը: Օդուժի առաջին հրամանատարն էր պորուչիկ Վոյպովը, որուն 1919 թուականի սկիզբներուն փոխարինեց հետագային լաւ յայտնի Արթուր Վասիլի Ղուլեան-Ռիլսկին (երբեմն կը նշուի նաեւ Գուլեան): Սկզբնապէս հայկական օդուժը ունէր երեք օդանաւ, երեքն ալ տարբեր մակնիշներու` «Nieuport», «Morane-Saulnier L» եւ «Voisin III» կամ «Voisin V»: Պահեստամասեր չկային, եւ թռիչքներ գրեթէ չէին կատարուեր:

38- 1 սեպտեմբեր 1918: Կը սկսի լոյս տեսնել Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր պաշտօնական օրկանը` «Կառավարութեան լրաբեր» եռօրեայ թերթը (հրատարակուած է մինչեւ 20 յուլիս 1920 թուական):

39- 15 սեպտեմբեր 1918: Երկարատեւ ու դիւցազնական հերոսամարտէ ետք Պաքուն թուրքերուն ձեռքը կ՛անցնի: Տեղի կ՛ունենայ շուրջ 30.000 հայերու կոտորած: Նիւթապէս հայերը կը կորսնցնեն մէկ երկիլիոն ռուբլի:

40- 26 սեպտեմբեր 1918: Նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին եւ յատկապէս մայրաքաղաք Երեւանի մէջ ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանի հրամանագիրով գործադրութեան յանձնուեցաւ քաղաքացիներուն քով գտնուող սեփական զէնքերու եւ զինամթերքի պետականացման` առգրաւման կառավարական որոշումը:

Անձնական զէնքերու հաւաքման խնդիրը Հայաստանի նորաստեղծ Հանրապետութեան ամէնէն ցաւոտ ու փշոտ հարցերէն մէկն էր: Մայիսեան յաղթական հերոսամարտերէն ետք, թրքական նահանջող զօրքերէն գրաւուած զէնքն ու զինամթերքը մեծ մասամբ մնացած էր սովորական քաղաքացիներու ձեռքը, ինչ որ շուտով սուր բնոյթ տուաւ մեր երկրի տարածքին ներքին կարգն ու կանոնը եւ հանրային ապահովութիւնը հաստատելու լուրջ դժուարութեան:

(Շար. 4)

Առի. Արցախի Վերաբնակեցման Եւ Ազդեցիկ Ներդրումներու Լաւագոյն Օրինակը

$
0
0

Քաշաթաղի եւ Շահումեանի  վերաբնակեցման եւ Արցախի գիւղատնտեսութեան զարգացման նպատակով 2010-էն ի վեր Արցախի մէջ ապրող բնակչութեան վարկեր տրամադրող Արցախ Ռուց Ինվեսթմընցը (ԱՌԻ), որուն այսօր մաս կը կազմեն 200 բաժնետէրեր` Լիբանանէն, Արցախէն, Սուրիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Քուէյթէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Անգլիայէն, Ռուսիայէն եւ Աւստրալիայէն, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Երկուշաբթի, 12 մարտ 2018-ին, Պէյրութի մէջ ԱՌԻ պիտի գումարէ իր ընդհանուր ժողովը` ներկայութեամբ Արցախի պետական նախարար Արա Յարութիւնեանի: Ընդհանուր ժողովէն ետք ԱՌԻ-ին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, ընկերակցութեամբ` Ա. Յարութիւնեանի, պիտի այցելէ Սիտնի եւ Մելպուռն, ուր հանդիպումներ պիտի ունենան շուրջ 80 աւստրալահայ ներդրողներու հետ` անոնց ներկայացնելու ԱՌԻ-ի գործունէութիւնը` նոր ներդրողներ ունենալու յոյսերով:

ԱՌԻ-ի աշխատանքներուն մասին իր կատարած հետեւողական անդրադարձին շրջագիծին մէջ «Ազդակ», կազմակերպութեան գումարելիք ընդհանուր ժողովին նախօրեակին դարձեալ կ՛անդրադառնայ ԱՌԻ-ի առաքելութեան`  ըլլան անոնք ընթացիկ աշխատանքներ, թէ ապագայ ծրագիրներ:

Այս մասին մանրամասն տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ ԱՌԻ-ի հիմնադիրներ եւ վարչական խորհուրդի անդամներ` Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, Մասիս Ալեքսանդրեանի եւ Վահան Գասարճեանի հետ:

Վ. Գասարճեան հաստատեց, որ ԱՌԻ-ի աշխատելակերպը ներդրումային է, եւ անիկա եղած է այն յաջող նախաքայլը, որ Արցախի պետութիւնը մղած է մտածելու` Արցախը վերածելու ազդեցիկ (Impact investment) ներդրումներու վայրի: Ան նշեց, որ ԱՌԻ ձեռնարկութիւն մըն է, որ միաժամանակ ազգային նպատակներ կ՛իրագործէ եւ շահաբեր ծրագիր մըն է` ներդրումներ կատարողին համար:

Վ. Գասարճեան հաստատեց, որ ԱՌԻ-ի գործակցութիւնը ուղղակի Արցախի պետութեան հետ է, եւ այդ աշխատանքը կատարեալ բծախնդրութեամբ ու հեզասահ կերպով կ՛ընթանայ ե՛ւ Արցախի պետութեան ե՛ւ ներդրողներուն միջեւ: «Անշուշտ աշխատանքի յաջողութիւնը կը կայանայ ներդրողներուն վարկերու ճշգրիտ օգտագործումը երաշխաւորող Արցախի պետութեան եւ ներդրողներուն շահերը բծախնդրութեամբ ապահովումին մէջ: Այս բոլորին զուգահեռ, կան նաեւ Արցախի մէջ ապահովուած գիւղատնտեսութեան զարգացումն եւ աճը, որ ինքնին շօշափելի փաստ մըն է այդ յաջողութեան», շեշտեց ան:

Իր կարգին, Ստեփան Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ ազդեցիկ ներդրումային ծրագիրի առումով, ԱՌԻ-ն փաստած է, որ Արցախի մէջ կարելի է ներդրում կատարել: «Այս մէկը կարեւոր է, որովհետեւ այսօր Արցախը ունի կարելիութիւններ եւ հնարաւորութիւններ, որոնք զարգացումի կարիք ունին, եւ այդ նպատակը կարելի է իրագործել` Արցախը դարձնելով համաշխարհային ներդրումներու թիրախը: Այսօր Արցախի պետութիւնն ու Հայ դատի մարմիններ ամէնուրեք կ՛աշխատին` ապահովելու Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը, իսկ եւրոպացի պետական անձնաւորութիւններ` նախարարներ, երեսփոխաններ եւ գործիչներ մնայուն կերպով կ՛այցելեն Արցախ: Հետեւաբար մեզի համար կարեւոր է, որ անոնք իմանան, թէ արցախցին խաղաղասէր ժողովուրդ է եւ ազգային ինքնորոշման կատարեալ իրաւունք ունի, կ՛ապրի իր պապենական հողերուն վրայ` ժողովրդավարութեամբ, ուրեմն ան իրաւունք ունի` իբրեւ անկախ պետութիւն միջազգային ընտանիքի ճանաչումին», հաստատեց Ս. Տէր Պետրոսեան:

Ան աւելցուց, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ անընդունելի է ժողովուրդի մը այս պահանջը անտեսել. «Սակայն բոլորին համար յստակ է, որ այդ անտեսումը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի բանեցուցած ճնշումներով կը կատարուի, ինչպէս նաեւ` այլ երկիրներու քաղաքական շահերուն պատճառով: Ճնշումի այդ պատը հետզհետէ սկսած է քանդուիլ, որովհետեւ Արցախի բարգաւաճումն ու զարգացումը աւելի եւս պիտի ամրապնդուի», ըսաւ ան:

Ս. Տէր Պետրոսեանը ընդգծեց, որ ԱՌԻ-ի տարած աշխատանքին ի տես` Արցախի պետութիւնը մնայուն նեցուկն ու երաշխաւորը եղաւ: «Արցախի վարչապետը մնայուն կերպով մասնակցեցաւ ԱՌԻ-ի ընդհանուր ժողովներուն եւ անձամբ հանդիպեցաւ ԱՌԻ-ի անդամ բաժնետէրերուն հետ: Հետեւաբար այսօր ԱՌԻ-ի գրեթէ տասնամեայ գործունէութեան սեմին կրնանք հաստատել, որ ԱՌԻ-ի ջանքերը կարելի է նկատել Արցախի զարգացումը ուռճացնելու ազդեցիկ ներդրումի լաւագոյն օրինակը», շեշտեց ան:

Ազդեցիկ ներդրումային ծրագիրի վերածուելու նպատակին մասին Վ. Գասարճեան յայտնեց, որ ԱՌԻ-ն իր առաջին փուլը աւարտած է, եւ արդէն իսկ անցած է երկրորդ փուլի համահայկական ներդրումի փուլ` իր ներդրումային ծրագիրները հասցնելով գրեթէ 6.700.000 տոլարի եւ ներդրողներուն ապահովելով 1.200.000 տոլարի շահ:

«Կարեւոր է նաեւ, որ Արցախի մասին սփիւռքեան տարբեր գաղութներուն մէջ տիրող կարծրատիպերը վերացնել: Երբ Արցախի մասին կը խօսիս, մարդոց առաջին հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ պատերազմի վտանգն ու տիրող կացութիւնը: Բայց եւ այնպէս, զուտ տնտեսական դիտանկիւնէ մեկնելով, անցեալ տարի Արցախը 15 առ հարիւր աճ արձանագրած է` ճարտարարուեստի, գիւղատնտեսութեան եւ հանքային մարզերուն մէջ: Այս թիւը առողջ աճի մը ցուցանիշ է եւ Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու քաջալերող տարր», հաստատեց Վ. Գասարճեանը:

Ան աւելցուց, որ այդ նպատակով ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամներ Արցախի պետական նախարար Արա Յարութիւնեանի  հետ պիտի այցելեն Սիտնի, ուր անոնք ներդրողներու պիտի ներկայացնեն Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու այս ծրագիրներուն մասին: «Հոս կը կայանայ մեր ներազդեցիկ (catalyst) դերակատարութիւնը զուգահեռաբար ապահովելու Արցախի զարգացումն ու ներդրողներու համար հասութաբեր ծրագիրներ», նշեց ան:

Մասիս Ալեքսանդրեանը շեշտեց, որ ԱՌԻ-ի նպատակը խորքին մէջ քաղաքատնտեսական նպատակ է, որովհետեւ եթէ Արցախը չվերաբնակեցուի, ապա անկարելի է պահել այդ բերդը, իսկ եթէ այդ բերդը կորսնցնենք, ապա Հայաստանը վտանգուած կարելի է նկատել:

«Դէպի Եւրոպա Թուրքիոյ յառաջխաղացքը գրեթէ կասեցուած է, եւ ան իր հայեացքը կ՛ուղղէ դէպի Միջին Արեւելք, իսկ երբ Ազրպէյճան սկսած է խօսիլ Զանգեզուրի եւ Երեւանի մասին, ապա մեզի համար յստակ պէտք է դառնայ, որ անիկա Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանի յուշուած գաղափար է: Ուրեմն Թուրքիոյ դէպի արեւելք յառաջանալու նպատակը արգիլող միակ թումբը Արցախն է: Այս մասին պէտք է ոչ միայն հայութիւնը իմանայ, այլեւ` ամբողջ Արեւմուտքը: Բոլորը պէտք է հասկնան, որ եթէ այդ Արցախ կոչուող պատուարին տիրութիւն չընեն, ապա անոնք դէմ յանդիման պիտի գտնուին ճենկիզխանեան հսկայ կայսրութեան մը, այլ խօսքով` հսկայական ՏԱՀԵՇ-ի մը դիմաց, որ կրնայ ամբողջ աշխարհին սպառնալիք ըլլալ: Թուրքիոյ վարած կրօնական ծայրայեղական քաղաքականութիւնը օրըստօրէ ի յայտ կու գայ», շեշտեց Մ. Ալեքսանդրեանը:

Ան մէջբերեց սահմանապահի իր երդումը տուող նոր զինուորի մը ունեցած մէկ արտայայտութիւնը, որ իր պարզութեամբ յստակ է, խորիմաստ եւ դիպուկ. «Եթէ Արցախը չըլլայ, Հայաստանը չ՛ըլլար, իսկ Հայաստանը չըլլայ, հայութիւն չկայ: Այս արտայայտութիւնը լաւագոյնս կը նկարագրէ Արցախի էութիւնը», հաստատեց ան:

Մ. Ալեքսանդրեանը ընդգծեց, որ անկարելի է ձեռնածալ մնալ` ի տես այս իրականութեան եւ Արցախի մէջ օրական դրութեամբ նահատակուող զինուորին, եւ բանակը պահելու Արցախի պետութեան ճիգերուն:

«Հետեւաբար այդ ամբողջը պահելու համար պէտք է թումբը հզօրացնել, իսկ հզօրացնելու համար բնակչութեան կարիք կայ, իսկ բնակչութիւնը կարիք ունի աշխատանքի, որուն ստեղծումին համար գումարներու կարիքը կայ. եւ այս է, որ ԱՌԻ-ն կը կատարէ` ապահովելով այդ աշխատանքներուն համար անհրաժեշտ ներդրումները», աւելցուց Մ. Ալեքսանդրեանը:

Ան նշեց, որ Քաշաթաղի եւ Շահումեանի  վերաբնակեցման նպատակին մէջ ԱՌԻ-ի ջանքերով կարելի եղած է 36 առ հարիւր բնակչութեան աճ արձանագրել, ինչ որ շռնդալից թիւ մըն է, եթէ բաղդատելու ըլլանք հայաստանեան իրականութեան ընդհանուր պատկերին հետ:

Ապագայ ծրագիրներուն մասին խօսելով` Ս. Տէր Պետրոսեանը հաստատեց, որ ԱՌԻ-ն սկսած է ծրագրել «Արցախ` 2025-ի տեսլական»-ը, որուն մեկնարկը պիտի կատարուի 21 մարտին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի Լիբանան կատարելիք այցելութեան ընթացքին:

Արցախի մէջ անձանագրուած տնտեսական, շինարարական եւ գիւղատնտեսական աճը ներկայացնող ցուցակներ, ըստ ԱՌԻ-ի հրապարակած պրակին

Ծրագիրը ներդրումներու ընդհանուր ծրար մըն է, որ պատրաստուած է Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ եւ տարբեր պիւտճէներու հիման վրայ. անիկա առիթ կու տայ, որ ներդրողները իրենք ընտրեն այն շրջանը, ուր կ՛ուզեն ներդրում կատարել, եւ` այն գումարը, որ պատրաստ են տրամադրելու այդ նպատակով:

Իր կարգին, Վ. Գասարճեանը յոյս յայտնեց, որ Արցախի պետութեան հետ միատեղ կատարուելիք այդ մեծ ծրագիրը ամբողջ աշխարհին ներկայացուի:

Մ. Ալեքսանդրեանը հաստատեց, որ Արցախի պետութեան հետ ԱՌԻ-ի վարչութեան գումարած իւրաքանչիւր նիստի ընթացքին, անպայման գեղեցիկ անակնկալներ կ՛արձանագրուին: «Արցախի պետութիւնը ԱՌԻ-ի չափ եւ անկէ աւելի տեսլականը ունի, յատկապէս` հարցերը լուծելու իմաստով: Բայց եւ այնպէս, պէտք է նաեւ հաշուի առնել, որ Արցախի պետութիւնը կլանուած է պատերազմի հոսքին մէջ եւ երկրին սահմանները պահելու առաջնահերթութեան մէջ: Հետեւաբար անոնք շատ լաւ կ՛ընդունին, երբ մեզի նման սփիւռքեան հաստատութիւններ կ՛երթան իրենց առաջարկներով խթանելու Արցախի պետութիւնը: «Այս առումով Արցախի Հանրապետութեան նախագահը իր կարգին հաստատեց, որ ժամանակն է արդէն ունենալու վերաբնակեցման ճամբու քարտէս մը, որուն հիման վրայ պիտի ճշդուի յառաջիկայ տասնամեակին արձանագրուելիք Արցախի աճը` բնակչութեան թիւի, տնտեսական, առողջապահական, ընկերային, մշակութային, կրթական եւ բոլոր մարզերուն պարագային», ըսաւ ան:

Մ. Ալեքսանդրեանը աւելցուց նաեւ, որ Արցախի պետութեան կազմակերպութեամբ, հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ համագումար մը, որուն ԱՌԻ-ն պիտի մասնակցի իբրեւ ներազդեցիկ (catalyst) կազմակերպութիւն:

«Արցախ` 2025-ի տեսլական»-ի յայտարարութեան առումով, Մ. Ալեքսանդրեանը նշեց, որ Արցախի նախկին վարչապետ, ներկայիս պետական նախարար Արա Յարութիւնեանը ունեցած էր տեսլականը, որ Արցախը պէտք է ըլլայ Արցախի եւ Հայաստանի սնունդ հայթայթողը` հացահատիկ, միս, կաթ, մածուն, պանիր, պտուղներ: Այս նպատակին մէջ կայ պետութեան մը ինքնաբաւ ըլլալու կարեւորութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով Հայաստանի դիրքը` շրջապատուած ոչ բարեացակամ սահմանակից երկիրներով:

«Պետութիւնը ինքնաբաւ դարձնելու նպատակն էր, որ զարկ տուաւ այդ տեսլականը ունենալու` գիւղատնտեսութիւնը զարգացնելու, ցանքի բարելաւման, անասնաբուծութեան եւ այլ բարգաւաճումի: Մեզի համար շատ հաճելի է տեսնել, որ Արկրոֆոնտի միջոցով ԱՌԻ-ի տրամադրած վարկերը ստացող վերաբնակիչը, որ 5 տարի առաջ 25 հեկտար արտ կը ցանէր, այժմ արդէն հարիւրաւոր հեկտարներ սկսած է ցանել, եւ իր տնտեսութիւնը ոչ միայն բաւարար դարձուցած է, այլեւ` հարստացուցած: Արցախի հողը բերրի է եւ առատ բերք կու տայ», շեշտեց ան:

ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամները ընդգծեցին, որ նման աշխատանքի պարագային, շատ կարեւոր է սկսիլ փոքր քայլերով եւ հետզհետէ արձանագրուելիք արդիւնքներուն հիման վրայ` բազմապատկել ճիգերն ու գումարները: «Մենք սկսանք 300. 000 տոլարով, քանի մը տարի ետք հասանք 2 միլիոն տոլարի, իսկ հիմա արդէն իսկ 6-7 միլիոնի շուրջ ներդրում կը կատարենք: Աշխատանքը կ՛ընթանայ անթերի կերպով` ԱՌԻ-ի եւ Արցախի պետութեան միջեւ: Արցախի պետութիւնը իր ստացած գումարներուն տոկոսները ճշգրիտ կերպով եւ ճշդուած ժամկէտին կը յանձնէ ԱՌԻ-ին, որ իր կարգին ԱՌԻ-ի բաժնետէրերուն կը տրամադրէ անոնց ներդրած գումարներուն տոկոսները, որոնք կ՛ապահովուին արձանագրուած ընդհանուր շահերէն:

«Մեր աշխատանքները թափանցիկ են` թէ՛ նիւթականի եւ թէ՛ գործունէութեան իմաստով: Դրամագլուխի կորուստ բացարձակապէս չէ արձանագրուած: Ներդրողներէն մեր ստացած գումարները կը գտնուին կա՛մ Ակրոֆոնտին մօտ եւ կը տրամադրուին իբրեւ վարկեր, կա՛մ ալ` գիւղաշինութիւնը կատարող պետական հիմնադրամին մօտ: Այդ գումարները երբ վերադարձուին մեզի, եւ դրամատան մէջ մեր ունեցած գումարը միացնենք անոր, մենք մեր բաժնետէրերուն ունեցած մեր նիւթական պարտաւորութիւնները 24 ժամուան մէջ կրնանք կատարել:

Պէտք է ըսել նաեւ, որ ԱՌԻ-ի ներդրողներէն գումարներու փոխառութիւնը եռամեայ դրութեամբ կ՛ընթանայ, որոնց ընթացքին ներդրողը տարեկան դրութեամբ իր ներդրած գումարին տոկոսները կը ստանայ: Երեք տարի ամբողջացնելէ ետք, ներդրողին հարց կը տրուի ԱՌԻ-ի վարչութեան կողմէ` ներդրումը նորոգելու կամ գումարին վերատիրանալու մասին. ընդհանրապէս ներդրողներուն մեծ մասը, գրեթէ` 98 առ հարիւրը, կը նորոգէ:

Այս փորձառութիւնը եւ աշխատանքը վերահսկելու բծախնդրութիւնն ու յանձնառութիւնը մեզ կը մղէ ճակատաբաց դիմելու աշխարհին` անոնց աշխատանքի ձեռք երկարելու իմաստով: Մեր ուղղած ներդրումի հրաւէրները պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրեն, եւ մեր փորձառութիւնը կ՛արտօնէ, որ մենք կատարեալ ինքնավստահութեամբ ուղղենք այդ հրաւէրը, շեշտեցին անոնք:

Առիաւանը՝ Աղաւնոյ գետի ափին

ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամները նշեցին, որ Առիաւանի կառուցման առաջին փուլը արդէն իսկ աւարտած է` կառուցուած է 50 տուն, եւ արդէն սկսած է երկրորդ փուլը, որուն ընթացքին պիտի կառուցուին երկրորդ 50 տուներուն առաջին 5 բնակարանները:

«Առիաւանի մէջ կեանքը, որեւէ քաղաքի ներկայ պայմաններով, հանգիստ ընձեռած է տեղին բնակչութեան, որուն կենցաղն ու կենսամակարդակը սկսած է մօտենալ արեւմտեան չափանիշներու հասկացողութեան», յայտնեցին անոնք:

ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամները հաստատեցին նաեւ, որ Քաշաթաղի եւ Շահումեանի բնակիչները փաստեցին իրենց կառչածութիւնը հայրենի հողին, եւ այդ փաստը եկաւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին, երբ այդ շրջանի բնակիչներէն նկատառելի թիւ մը անմիջապէս հասաւ հայրենիքին սահմանները պաշտպանելու սուրբ գործին:

Այս եւս կը փաստէ այն իրականութիւնը, որ զինուորը շատ աւելի վճռական կերպով կը կռուի, երբ ամբողջ գիւղ մը պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը կայ իր ետին:

ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին «Ազդակ»-ին, որ մնայուն կերպով լուսարձակի տակ կ՛առնէ ԱՌԻ-ի աշխատանքները եւ կոչ ուղղեցին հայութեան նուազագոյնը 2-3 օրով այցելելու Արցախ:

 

 

Սլաք. Արուեստագէտ Փնտռե՞նք, Թէ՞

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մարտի առաջին օրերուն Պի. Պի. Սի.-ն հաղորդեց լուր մը, որ ատենին շատ լուսանցքային դրսեւորում ունեցած էր ամերիկեան մամուլին մէջ: Հաղորդեց, որ ամերիկացի արուեստագէտ մը` Ռայըն Մենտոզա, շուրջ 2 տարի առաջ ամենայն զգուշութեամբ եւ հոգածութեամբ տարանջատած է հռչակաւոր Ռոզա Փարքսի Տիթրոյիթի բնակարանը, եւ բեկորները Գերմանիա փոխադրելով` վերակառուցած է Պերլինի մէջ. մօտաւորապէս տարի մը առաջ անիկա վերածուած է փոքր թանգարանի եւ ժամադրավայրի` զբօսաշրջիկներու համար: Հիմա ամերիկեան մամուլին մէջ պահանջ կը դրուի, որ բնակարանը վերադարձուի Միացեալ Նահանգներ:

Անոնք, որոնք ծանօթ չեն Ռոզա Փարքսի, ահա հակիրճ տեղեկութիւններ` անոր ու «հերոսացած» բնակարանին մասին:

Ռոզա Փարքս կը նկատուի քաղաքացիական իրաւունքներու հզօր պաշտպան մը: Իսկ երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործածուի «քաղաքացիական իրաւունք» բառակապակցութիւնը` առաւելաբար նկատի կ՛առնուին սեւամորթներու հանդէպ անիրաւութիւններն ու անոնց իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը` առանց անտեսելու այլ փոքրամասնութիւններ: Տարիներ շարունակ իր ցեղակիցներուն իրաւունքներուն դատին լծուած Ռոզա Փարքսի (ծնեալ 1913-ին) անունը յանկարծ հռչակ շահեցաւ 1955-ին, երբ ան իր բնակավայրին` Ալապամա նահանգի Մոնթկոմըրի քաղաքին մէջ մերժեց հանրային փոխադրակառքի մը մէջ իր նստարանը զիջիլ սպիտակամորթի մը, որ ոտքի մնացած էր: Այդ օրերուն, այսինքն` նախագահ Ապրահամ Լինքըլնի հռչակաւոր որոշումէն շուրջ դար մը ետք, փոխադրակառքերու, ինչպէս նաեւ այլ հանրային վայրերու մէջ տակաւին սեւամորթներու ու սպիտակամորթներու համար սահմանուած կը մնային տարբեր վայրեր. Փարքս նստած էր սեւամորթերու վերապահուած բաժինին մէջ: Դէպքը հսկայ աղմուկ բարձրացուց իր օրերուն, նաեւ անկէ ետք` երկար ժամանակ, այնքան ատեն որ սեւամորթ-սպիտակամորթ խտրականութիւնը ուժեղ էր ու ծնունդ կու տար բողոքի ու պահանջատիրական ալիքներու. բողոքները դրսեւորուեցան մերթ խաղաղ միջոցներով (օրինակ` Մարթին Լութըր Քինկ), սակայն նաեւ` բրտութեամբ (օրինակ` «Պլեք փենթըրզ» շարժումը): Խտրականութիւնը տակաւին իր շուքը տարածուած կը պահէ մինչեւ այսօր, այլանդակ դրսեւորումներ կը գտնէ տարբեր շրջաններու մէջ:

Փարքս ենթակայ եղաւ հալածանքներու, մահուան սպառնալիքներ տեղացին անոր հասցէին, ու ան ստիպուեցաւ տեղափոխուիլ Տիթրոյիթ ու ընտանիքի 15 անդամներու հետ «թխմուիլ» փոքր բնակարանի մը մէջ: Անոր մահէն (2005-ին) ետք բնակարանը մնաց լքուած վիճակի մէջ, իսկ շրջանը հարուածող տնտեսական տագնապը արժեզրկեց կալուածը: Քաղաքապետութիւնը ի վերջոյ կիսաւեր բնակարանը արձանագրեց քանդուելիք բնակարաններու ցանկին վրայ: Փարքսի հարազատներէն մէկը կալուածը գնած է 500 տոլարով ու զայն նուիրած է Մենտոզային, որ քանդումէ փրկելու համար դիմած է զայն Պերլին փոխադրելու քայլին:

***

Շաբաթավերջին, սրտամօտ բարեկամի մը հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը պահուն, յանկարծ յիշեցի այս լուրը, եւ մեր զրոյցը պահ մը կեդրոնացաւ անոր վրայ: Հիացում արտայայտեցի, որ մարդիկ կը գնահատեն արդար դատի համար պայքարողները ու կը փորձեն անհետացումէ փրկել անոնց բնակարանները, զանոնք կը վերածեն թանգարանի:

– Մենք ալ մե՛ր մեծերուն տուները թանգարանի վերածած ենք Հայաստանի մէջ. գրողներ, արուեստագէտներ…- վրայ բերաւ խօսակիցս:

– Հաւանաբար մենք ալ Մենտոզայի նման հայ արուեստագէտի մը պէտք ունինք, որպէսզի կործանումէ փրկէ ու թանգարանի վերածէ Արամ Մանուկեանի Երեւանի աւերակ տունը,- նկատեցի իմ կարգիս:

– Ամա՜ն, անանկ առաջարկ չբերես, հա՛,- ընդմիջեց բարեկամս ու շարունակեց.- կ՛ելլեն, տան քարերը կը ծախեն, որպէսզի ուրիշ երկիր փոխադրուին ու հոն թանգարան շինուի…

– Մի՛ մտահոգուիր, բարեկա՛մս,- հանգստացուցի զինք.- եթէ նման առաջարկ բերեմ իսկ, կը պահանջեմ, որ բնակարանը իր տեղէն չշարժեն:  Յետոյ, պահ մը մտածելէ ետք, աւելցուցի.- նման առաջարկ յամենա՛յն դէպս չեմ բերեր. տեսա՛նք, թէ յուշարձանին առիթով ինչպիսի՛ մուկ մը ծնաւ արուեստագէտի մը խելապատիկէն…

 

 

Արցախեան Վերածնունդը` Լուսանկարիչ Ռոպերթ Կարապետեանի Ոսպնեակի Ետին

$
0
0

Հազիւ երկու շաբաթ առաջ «Հայրենիք»-ի խմբագրութիւնը ե-նամակի միջոցով ստացաւ նկարներու շարք մը: Հասցէն կը պատկանէր հանրածանօթ լուսանկարիչ Ռոպերթ Կարապետեանի, որ երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած է Նիւ Եորք: Քիչ անց նոյնինքն Ռոպերթն էր, որ ընկալուչին ետին կը զրուցէր: Ի յայտ եկած էր, թէ աչքի վիրահատութեան ենթարկուած էր վեթերան լուսանկարիչը, հարազատներու միջոցով ղրկած էր այս «տեսողական գանձ»-ը, որ 1988-ի արցախեան վերածնունդի նկարներու շարք մըն էր:

Ռոպերթ ամէն գնով ակնդիրին կ’ուզէր ներկայացնել այս պատմական նկարները, որոնց սեւ-ճերմակ գոյները տարբեր գունաւորում մը կը փոխանցեն:

Հազարաւոր ցուցարարներ, Լենինի արձանին քանդումը եւ, այսպէս, նկարները մէկ առ մէկ կը յիշեցնեն այդ անմոռանալի օրերը: Շուտափոյթ առողջութիւն կը մաղթենք Ռոպերթին, իսկ մեր ընթերցողներուն կը տրամադրենք անոր ոսպնեակի ետին, «քլիք»-ով մը յաւերժացած այս պատմական լուսանկարները:

Քաղաքական Անդրադարձ. Պաղեստինցի Գաղթականները Եւ Հայրենիք Վերադառնալու Պայքարը

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

1948-ի մայիսին Իսրայէլի անկախացումը եւ պաղեստինցիներու արտաքսումը նկատուեցաւ իբրեւ քաղաքակրթական յաղթանակ` ընդդէմ «իսլամ բնակչութեան»: Անգլիացին, որուն վստահուած էր իբրեւ հոգատար երկիր օգնել Պաղեստինի անկախութեան, ամէն ջանք թափեց տկարացնելու պաղեստինեան հաստատութիւնները եւ օգնելու հրեաներուն, որ գաղթեն Պաղեստին` ստեղծելու համար իրենց ապագայ «Հրէաստանը»: 15 մայիս 1948-ին անգլիական հոգատարութիւնը վերջ գտած էր, եւ հրեաներուն թիւը բարձրացած էր 9 առ հարիւրէն 30 առ հարիւրի, սակայն անոնք սեփականատէրն էին Պաղեստինի միայն 6 առ հարիւրին: Մայիս 15-էն ետք անոնք գրաւեցին Պաղեստինի 78 առ հարիւրը եւ ցեղային մաքրագործումի ենթարկեցին 675 քաղաք ու գիւղ եւ մօտ 750.000 պաղեստինցի գաղթական դարձուցին:

2008 թուականին այս գաղթականներուն թիւը բարձրացաւ 6,6 միլիոնի, որոնցմէ 4.618.000 արձանագրուած էին ԵՈՒՆԵՐՎԱ-ի կողմէ: Իսրայէլի համար պաղեստինցի գաղթականներու երեւոյթը գլխու ցաւ եւ մտահոգութիւն մըն է, ասիկա նկատելի էր 1982-ին Լիբանանի վրայ կատարուած յարձակումին առիթով, որուն ընթացքին իսրայէլեան կառավարութիւնը ամէն ջանք թափեց չէզոքացնելու պաղեստինեան գաղթակայանները, որոնք կը գտնուէին սահմանակից կամ մօտակայ շրջաններու մէջ եւ վտանգ կը սպառնային Իսրայէլի գոյութեան:

Հակառակ անոր որ ՄԱԿ-ի թիւ 191 բանաձեւը կոչ ուղղեց գաղթականները հայրենիք վերադարձնելու կամ անոնց հատուցելու, Իսրայէլ չենթարկուեցաւ այս բանաձեւին եւ յայտարարեց, որ իրապաշտ չէ աւելի քան 6 միլիոն գաղթականի տունդարձը, որովհետեւ ատիկա կը յանգեցնէ Իսրայէլի քաղաքական եւ ֆիզիքական ոչնչացումին: Իրաւական գետնի վրայ իսրայէլեան տեսակէտը անհիմն է, սակայն ինչպէս մեզի պատմութիւնը սորվեցուցած է, միջազգային յարաբերութիւնները հիմնուած են ուժերու հաւասարութեան վրայ եւ ոչ թէ մարդոց իրաւունքներուն վրայ: Այս հարցը նաեւ մեզի կը յիշեցնէ Լոզանի համաձայնագիրին առաջին օրերը, երբ քեմալական Թուրքիա ոչ մէկ ջանք խնայեց հակադրուելու անգլիական ու ֆրանսական ճնշումներուն եւ մերժեց հայ գաղթականներու վերադարձը: Աւելի՛ն. Թուրքիա մտահոգութիւն յայտնեց Գամիշլիի եւ Հալէպի շրջակայքին մէջ հայերու բնակեցման համար` վախնալով, որ անոնք օր մը կրնան վերադառնալ կամ պահանջել իրենց իրաւունքները:

Սիոնական գաղափարախօսութիւնը, որուն վրայ հիմնուած է Իսրայէլ, հիմնուած է ցեղապաշտական եւ ցեղային մաքրագործման վրայ, որուն հիմնական նպատակներն էին հետեւեալները. մերժել պաղեստինցի գաղթականներու վերադարձը, գրաւել անոնց ինչքերը եւ գիւղերը, վերաբնակեցնել գրաւեալ տարածքները հրեաներով եւ քաջալերել պաղեստինցիները, որ համարկուին արաբական երկիրներուն մէջ: Սակայն այս բոլորով հանդերձ,  պաղեստինցի գաղթականները չհամարկուեցան իրենց ապրած երկիրներուն մէջ, այլ մնացին իրենց գաղթակայաններուն մէջ, պահեցին իրենց ազգային դիմագիծը եւ զարգացուցին զայն:

Սակայն արդեօք կարելի՞ է անոնց վերադարձը հայրենիք: Իսկ եթէ` այո՛, ապա ո՞ւր, Իսրայէ՞լ (1948 Պաղեստինի սահմաններ), կամ 1967-ի՞ սահմաններ, իսկ 1967-ի ո՞ր սահմանները: Յիշեցնենք, որ այսօր Պաղեստին չունի սահման, նոյնիսկ 1967-ի սահմանները գրաւեալ շրջաններ են եւ վերաբնակեցուած` ամերիկացի կամ եւրոպացի հրեաներով:

Սալման Ապու Սիթթա իր «Խաղաղութիւն, պաղեստինցի գաղթականներ եւ իրենց հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը» (2010) խորագրեալ յօդուածին մէջ կը գրէ, որ պաղեստինցիներու հայրենիք վերադարձը անկարելի բան մը չէ: Ապու Սիթթա կը պաշտպանէ իր կարծիքը` ըսելով, որ հայրենիք վերադառնալը սրբազան իրաւունք մըն է` պաշտպանուած ՄԱԿ-ի կողմէ եւ օրինակը կու տայ` հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է, որ գող մը տունդ մտնէ եւ պահանջէ սենեակդ գրաւել, արդեօք կարելի՞ է անոր հետ համաձայնիլ սենեակը բաժնեկցելու համար, թէ՞ կը դիմադրես անոր ամէն ձեւով: Ըստ Ապու Սիթթայի, միակ ելքը միասնական հայրենիքի մը ստեղծումն է, ուր հրեաները եւ պաղեստինցիները կրնան օրէնքի տակ ապրիլ խաղաղութեանբ: Ան կ՛ընդգծէ, թէ աւելի լաւ է, որ Իսրայէլ ընդունի պատահածը, քան թէ սպասէ, մինչեւ որ ժողովրդագրական ռումբը պայթի: Յօդուածագիրը կ՛եզրափակէ` ըսելով, որ 10 տարի ետք հրեաները դարձեալ փոքրամասնութիւն պիտի ըլլան, որովհետեւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` արաբներուն թիւը կ՛աճի, իսկ հրեաներունը կը նուազի:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Գրողի Անկիւն. Բանե՜ր, Բանե՜ր…Եւ Շա՜տ Բաներ

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ընդհանրապէս քաղաքականութեամբ զբաղողը չեմ: Ո՛չ թէ, որովհետեւ չեմ սիրեր, այլ անկեղծօրէն չեմ հասկնար: Եւ ամէն անգամ, երբ ընտանեկան կամ ընկերային մեր հաւաքներուն, իբրեւ ընդհանուր խօսակցութեան նիւթ, սա քաղաքականութիւն ըսուած ճիւաղին «գնդակը» մէջտեղ նետուի, եւ խօսակիցներս սկսին մեծ ու լայն ախորժակով բարձրաձայն, նոյնիսկ պոռալով, ձեռքով եւ ոտքով արտայայտուիլ ու վիճիլ, կարծես իրենք ըլլային աշխարհի մեծ ու փոքր երկիրներու նախագահներու քաղաքականութիւնը գծողն ու ճշդողը. այսպիսի պահերու ես կը մնամ լուռ: Այլ խօսքով` անկարծիք եւ նոյնիսկ «չխօսկան», ինչպէս յաճախ կը կրկնէ երեւանցի հարեւանս:

Օ՜հ, կը ներէ՛ք, այս պահուն մեծ ու փոքր զանազան մտածումներ սկսած են մտքիս ծայրէն անցնիլ եւ գրիչս շեղել: Ուստի պիտի չերկարեմ:

Բայց կ՛ուզէի անպայման յիշել հետեւեալը. անցեալ դարու 70-ականներու վերջին քառորդին, երբ ընտանեօք այս երկրի Տիթրոյիթ քաղաքը նոր հաստատուած եւ առաջին իսկ առիթով տէր եւ տիկին մեզի մօտիկ խանութէն գնումի գացած էինք, հաւանաբար մեկնելով մորթիս գոյնէն, յանկարծ խանութի մուտքին գտնուող, դրամի արկղին դիմաց կեցող տարիքոտ պաշտօնեայ կինը շատ մտերմիկ հարցուցած էր, թէ ես «ուրկէ» էի:

«Ֆրամ Ալէփփօ», Հալէպէ՛ն, պատասխանած էի հպարտօրէն:

«Ուէր իզ Ալէփփօ», ո՞ւր է Հալէպը, հարցուցած էր այս օտարը` քիչ մը անտարբեր ոճով, միաժամանակ շարունակելով իր գործը:

«Ալէփփօ՛, Սիրիա՛», Հալէպ, Սուրիա, կրկնած էի արագ մը եւ աւելցուցած` «եու տոնթ նօ», չե՞ս գիտեր, ըսած էի` ձայնիս զարմանքի այնպիսի երանգ մըն ալ տալով, որ խորքին մէջ կար նաեւ «տըմպօ՛, այս տարիքին հասած ես եւ տակաւին Հալէպին ուր ըլլալը չե՞ս գիտեր…» բաժինն ալ:

Վայրկեանին կինս միջամտելով` բացատրած էր, որ`  «Հալէպը կը գտնուէր Սուրիոյ մէջ, եւ թէ Սուրիա՛ն ալ` Միջին Արեւելքի մէջ…, եւ… եւ… Իսրայէլի հիւսիսը…»: Գիւտ մը: Այսքան: Կինը հազիւ Իսրայէլ բառը լսած էր, յանկարծ «օ՜հ», բացագանչած էր եւ` գլուխը շարժած, իբրեւ հասկնալու նշան եւ իր աշխատանքը շարունակած էր` առանց նոյնիսկ շնորհակալութիւն յայտնելու, որ գոնէ այդ օր աշխարհագրութեան նոր «դաս» մը սորված էր: Ձրի նոր գիտելիք մը, եթէ կ՛ուզէք: Ընդհանուր զարգացում:

Ու, ի՛նչ մեղքս պահեմ, վայրկեանին էրիկ-կնիկ իրարու երես նայած էինք եւ լռելեայն ու մտովի մեկնաբանութիւններ կատարելով` հեռացած:

Բայց`  ինչո՞ւ այս օրինակը: Կը կարծեմ, որ դարձեալ նիւթէս շեղած էի:

Հա՛, յիշեցի:

Եթէ  վերը յուշերս նուագած էի հին լարերուս վրայ, այժմ պիտի փորձեմ «նորերունը»:

Այսպէս, դարձեալ անցեալ դարու 90-ականներուն, երբ ամերիկեան բանակը Քուէյթ եւ Իրաք մտած ու «նստած» էր, արդէն յաջորդող քանի մը ամիսներուն ամբողջ աշխարհը գրեթէ գոց սորված էր, թէ ո՛ւր կը գտնուէր Քուէյթը, եւ ապա` Իրաքը, ու մանաւանդ` անոր մայրաքաղաք Պաղտատը, ապա` Քերքուքն ու Պասրան, Մուսուլն ու այլ քաղաքները: Աւելի՛ն. աշխարհը նաեւ տեղեակ եղած էր, թէ ո՛վ էր քիւրտը, եւ կամ` ի՞նչ էր տարբերութիւնը իսլամ «սիւննի»-ին եւ իսլամ «շիի»-ին: Ահա քեզի քաղաքականութիւն:

Եկո՛ւր եւ հասկցի՛ր:

Բայց կը կարծեմ, որ գոնէ այս անգամ համայն աշխարհը անպայման շնորհապարտ պէտք է ըլլայ ամերիկեան բանակին` Միջին Արեւելքի եւ Ծոցի ու յատկապէս Իրաքի մասին առատ եւ միեւնոյն ատեն ձրիօրէն նման տեղեկութիւնները «բաշխելուն» համար: Տեղեկութիւններ` սակայն արիւնոտ եւ ցաւալի, եւ որոնք միաժամանակ հազարաւոր անմեղ մարդոց արիւնով շաղախուած էին:

Ահա՛, հիմա կը կարծեմ, որ վերջապէս գոնէ նիւթիս մօտեցած եմ:

Իսկ հիմա, թէեւ չեմ կարծեր, որ նորութիւն մը ըսած պիտի ըլլամ, այս բոլորին վրայ կ՛ուզեմ աւելցնել, որ ասկէ շուրջ եօթը տարիներ առաջ, դարձեալ քաղաքականութիւն ըսուած խաղին պատճառով, այս անգամ աշխարհը շատ աւելի մօտէն ճանչցաւ եւ ծանօթացաւ Սուրիոյ, ո՛չ միայն անոր մայրաքաղաք Դամասկոսին, այլեւ` անոր գլխաւոր քաղաքներուն ալ: Այսպէս, ցանկին վրայ իրարու ետեւէ աւելցան` Ղութա, Լաթաքիա, Հոմս, Տէր Զօր, Համա եւ այլ քաղաքներ ու գիւղեր եւ ապա վերջին` մե՛ր Հալէպը ու մե՛ր Նոր Գիւղը, իսկ այս օրերուն ալ` Աֆրինը:

Իսկապէս`  հիւանդագին երեւոյթ եւ վտանգաւոր: Համաճարակ հիւանդութիւններու նման“ վարակիչ: Հիւանդութիւններ, որոնցմէ վախը աւելի զոհ կը խլէ, քան` մանրէն:

Պրաւօ՛, կ՛ըսեմ, այս «ուսուցիչներուն», որոնց տուած աշխարհագրութեան նոր եւ ձրի դասերուն համար համայն աշխարհը անպայման շնորհապարտ պէտք է ըլլայ:

Դասեր` օր ցերեկով եւ ան ալ` համայն աշխարհի աչքին առջեւ:

Դասեր, որոնց համար շատ սուղ գին վճարած էր ի՛նք` տեղացի ժողովուրդը, եւ նոյնիսկ մենք` իբրեւ այդ երկրի երկար տարիներու հաւատարիմ քաղաքացիներ:

Դասեր, որոնք տասնեակ հազարաւոր մարդոց կեանքերը խլած էին, ինչպէս նաեւ տասնեակ հազարաւորներ` անտէր եւ անտիրական դարձուցած եւ աւերակներու եւ փլատակներու վերածած` անոնց բնակարանները: Այլ խօսքով` խառնաշփոթ քարտէս:

Ու այս իրադարձութիւններէն մեկնած` այս օրերուն շատ դժուար է աշխարհի վիճակը բնորոշել: Իսկ եթէ այս վարկածը ճիշդ էր, հապա՞… հայութեան վիճակը:

Արդէն մեզմէ անկախ հասունցած էին դէպքերը: Ու ամէն անգամ եւ ամէն առիթով կրկնած ենք, որ ազգովին ներկայիս կ՛ապրինք մեր պատմութեան ամէնէն  վտանգաւոր եւ ամէնէն վճռական պահերը: Այս մասին պէտք է գիտակցինք: Լրջանանք: Հայու ոգին դժուար պայքարի մէջ է: Զգաստանալ է պէտք: Բայց ո՞վ է մտիկ ընողը: Ահա թէ ինչո՞ւ կ՛այպանենք այս 21-րդ դարը, որ դարձած է ամեհի եւ խստաբարոյ, եւ որ ունի ջղային տրոփում: Հակասական եւ անհաւասար:

Ամէն ինչ բարդ է ու գրեթէ աննախատեսելի: Ո՛չ ոք գիտէ, որ վաղուան լոյսին հետ ի՜նչ ուրուականներ պիտի ծնին, կամ` կրնան ծնիլ: Աշխարհի մեծերուն դէմքերուն վրայ դժոխքի կնիքը շատ յստակ է: Տեսանելի է:

Այս օրերուն նաեւ մեր կեանքն ալ դարձած է ամէնօրեայ սուր ճակատամարտ: Ա՛լ մանրուքներով զբաղելու ատենը շատոնց անցած է: Չենք կրնար ամէն բան բախտին ձգել: Չենք կրնար զիրար ատելով ապրիլ եւ կամ յառաջանալ: Լուրջ եւ խոհեմ ու մանաւանդ առողջ մտածողութեամբ, գիտակից, հեռատես եւ արթուն ղեկավարութիւն է պէտք թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ: Պատասխանատու կեցուածք:

Ազգովին զոհն ենք աննպաստ պայմաններու: Մէկ կողմէ արտագաղթ, միւս կողմէ` անգործութիւն, իսկ այս կողմէն` լեզուի պահպանման լուրջ խնդիր: Վերջապէս, ե՞րբ պիտի հասկնանք, որ միասնաբար պատասխանատու ենք պատմութեան առջեւ: Ասիկա կը նշանակէ չկորսնցնել միութիւնը ու արեան մէջ կրել մեր անցեալն ու ներկան: Այլեւս հաւատալու չենք մեզի պարտադրուած զինադադարներու եւ կամ դաշնակիցներու կեղծ խոստումներուն: Անոնք կը նմանին այն մերկացած ծառերուն, որոնք ժամանակ մը վերջ կրնան դարձեալ ծաղկիլ: Խաբուսիկ իրավիճակ:

Բայց…

Վերջապէս, ի՞նչ կը նշանակէ այս բա՛յցը… ի՞նչ ըսել կ՛ուզուի…

Այսինքն… Վաղը քաղաքականութիւն «խաղցող» այդ մեծերը, որոնք մինչեւ հիմա տարբեր ձեւերով բեմ բարձրացած եւ կամ մէջտեղ եկած էին, հաւանաբար նոր քաղաքականութիւններ «ածեն» ժողովուրդներու գլխուն: Նոր ու ծանր «խաղեր» կրնան խաղալ ու դարձեալ երկիրները արիւնով «լուալ»: Ասոնք նորութիւններ չեն, կ՛ըսեն շատեր. անոնց արեան մէջն են, կ՛աւելցնեն ուրիշներ:

Հետաքրքրական է սակայն գիտնալ, թէ այս անգամ որո՞ւ «քիթը» պիտի արիւնի կամ պիտի արիւնեն: Հապա՞ մենք: Ա՜խ մե՛նք. այնպէս կ՛երեւի, որ մենք հեռու ենք այս բոլորէն: Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ նման «բաներ» լուրջի չենք առած: Կարծես տարբեր մոլորակի մէջ կ՛ապրինք: Ազգովին միշտ դժգոհ ենք իրարմէ: Զիրար չխաբենք: Բայց հիմա ատոր ժամանակը չէ, որովհետեւ վաղը, շատ հաւանաբար, երբ աշխարհը աշխարհագրութեան նոր դասեր ստանայ, մենք ո՞ւր կեցած պիտի ըլլանք: Արդեօ՞ք գիտենք, թէ ո՛ւր… Արդեօ՞ք պատրաստ պիտի ըլլանք այդ «դասերուն»: Հարկ է` մենք մեզի հարց տանք: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր դիրքը, մեր կեցուածքը: Մէյ մը լաւ նայինք մեր շուրջը: Է՜հ, որքա՞ն է մեր ազգային գիտակցութեան չափանիշը: Արդեօ՞ք «բան» մը սորված ենք կամ սորվեցանք Իրաքէն, Քուէյթէն եւ կամ ալ Սուրիայէն եւ կամ «Արաբական գարունէն»:

Ես Պիղատոս մը չեմ: Մեղա՜յ…

Ըսելիքս արդէն սիւնակներուս սկիզբին ըսած էի: Պարզ եւ յստակ: Բարձրաձայն կը կրկնեմ. «Ե՛ս քա-ղա-քա-կա-նու-թե-նէ բան չեմ հասկնար»: Իսկ եթէ դո՛ւք կը հասկնաք, պատասխանեցէ՛ք, այս հարցումներուն եւ կամ ալ` բացատրեցէ՛ք, կը խնդրեմ:

bedig43@aol.com

Նուիրապետական Աթոռներ Եւ Ազգային Սահմանադրութիւն

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ       

Ծանօթութիւն. ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան կազմական ժողովին մէջ օրակարգի հարցերէն մէկը նպատակ ունէր երիտասարդ ու նորագիր ընկերներուն ներկայացնել մեր եկեղեցական-համայնքային կեանքը կանոնակարգող «Ազգային սահմանադրութիւնը», որուն վաւերացման (սուլթանի կողմէ) 155-ամեակի սեմին ենք ներկայիս:

15 վայրկեանի սահմաններուն մէջ զեկուցաբերին տուած տեղեկութիւններն ու զեկոյցին յաջորդող զրոյցը շահեկան նկատելով, անոնց կարեւոր կէտերուն խտացումը կը հրապարակենք` հաւատալով, որ  հետաքրքրուողներ կ՛ըլլան:

Մեր եկեղեցին

Հին ժամանակներէն, իր ակունքներուն մէջն իսկ, մեր եկեղեցին կղերապետական հաստատութիւն  չէ եղած: Ժառանգութեան իրաւունքով հօրմէ որդի յաջորդած քանի մը կաթողիկոսներու  համեմատաբար կարճ շրջանէ մը ետք, ազնուականներէ կազմուած «աշխարհաժողով»-ն էր, որ կ՛որոշէր կաթողիկոսութեան յարմար թեկնածուն, անշուշտ` թագաւորին ազդեցիկ միջամտութեամբ:   Պետականութեան կորուստէն ետք, պարսկական, թիւրքմենական, թրքական թէ այլ դաժան տիրապետութեանց երկար դարերու ընթացքին եկեղեցին էր, որ միշտ կը մնար կազմակերպումի եւ համախմբուածութեան միակ վայրը, ուր կը պահպանուէին հայութիւնը իր անցեալին կապող ազգային արժէքներն ու մշակոյթի մնացորդացը,  աւանդոյթներն ու ծէսերը, լեզուն ու գրականութիւնը:

Պետականութիւնը փոխարինող հաստատութիւնը եղաւ Հայ եկեղեցին, որուն համար ալ արդէն կաթողիկոսներուն տրուեցաւ վեհափառ  տիտղոսը, որ կը տրուէր թագաւորներուն:

Ամէն գիւղ ու աւան, նոյնիսկ ամէնէն յետինը կ՛ունենար իր եկեղեցին ու հոգեւոր առաջնորդը, որոնց շնորհիւ` կը կազմուէր համայնքը, հայ մարդոց համախմբուածութիւնը: Քահանան կրօնի ծիսակատարն էր, գիւղացիները մխիթարողը, գիւղին  խոստովանահայրն էր, վէճերուն լուծում տուող դատաւորը, խրատողն ու խորհրդատուն, յաճախ նաեւ` դաստիարակը: Համեստ ուժերով եւ իր համայնքին հետ ծէսի ու աւանդութեանց ճամբով   ազգային թթխմորին պահապանը:

Ցեղասպանութենէն ետք տեղահանուած հայ գաղթականները զանազան շրջաններու մէջ  համայնքային դիմագիծ  կը ստանային` նոյնպէս տեղահան եղած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շնորհիւ: Հետագային ալ, սփիւռքի ընդարձակումով,  կաթողիկոսութեան գործը կը ծաւալէր: Միջինարեւելեան երկիրներ, եւրոպական ու արաբական անապատային քաղաքներ, Ամերիկա, Քանատա ու մինչեւ Վենեզուելա հայութեամբ բնակուած վայրերու մէջ ի հոգեւորս ծառայողներ կը ղրկուէին` եկեղեցիներ կառուցելու, եկեղեցիներու միջոցով ու շուրջ համայնքային կեանք ու աշխուժութիւն ստեղծելու եւ համախմբել ջանալու համար ցրուած հայութիւնը: Երբեմն այնպիսի անհրապոյր վայրերու մէջ, ուր  պիտի չուզէին գործուղուիլ հանրային այլ մարզերու նուիրուած գործիչներ: Հարց է, թէ առանց եկեղեցիի ու եկեղեցականի դերակատարութեան, տեղահանուած հայ հաւաքականութիւնները արդեօ՞ք պիտի կարենային կազմակերպ  հայագաղութներու վերածուիլ, թէ՞ ոչ…

Պէտք է ըսել նաեւ, որ եկեղեցիին չափ կարեւոր դեր ունեցան քաղաքական կուսակցութիւնները սփիւռքի կազմակերպման մէջ: Կարելի է հանդարտ ըսել, որ անոնք եղան մղում տուողը եկեղեցիի գործունէութեան:

Ա) Նուիրապետական 4 աթոռներ.

  1. Երկու կաթողիկոսութիւններ.

Էջմիածնի կաթողիկոսութիւն` հիմնուած 4-րդ դարու սկիզբը, քրիստոնեայ դառնալնէս անմիջապէս ետք: Հետագայ տարիներուն, երբ Հայաստան զրկուեցաւ պետականութենէն, կաթողիկոսութիւնը իր անկախութիւնը պահելու համար դարձաւ թափառական եւ ի վերջոյ կայք հաստատեց Կիլիկիա, ուր մենք հիմնած էինք ինքնիշխանութիւն (1080-1375):

Աւելի վերջ, երբ այլեւս կործանած էր Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը, Էջմիածնի եկեղեցականները դիմեցին օրուան կաթողիկոսին, որ վերադառնայ հայրենիք` մայր աթոռ: Հայրապետը մերժեց`  առարկելով, որ ինք չի կրնար անտէր ու անգլուխ թողուլ Կիլիկիոյ ու շրջակայքի պետականազուրկ հայութիւնը: Մերժումը պատճառ դարձաւ, որ Էջմիածնի մէջ  երկրորդ կաթողիկոս մը ընտրեն 1441 թուականին: Այսպէս է, որ ունեցանք երկու կաթողիկոսութիւններ, մին` Էջմիածնի, իսկ միւսը` Կիլիկիոյ մէջ, որ Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին հետ աքսորուեցաւ, գաղթականութեան ճամբան բռնեց նախ Սուրիա, ապա հաստատուեցաւ Լիբանան (Անթիլիաս):

  1. Երուսաղէմի պատրիարքութիւն.

Կիլիկիոյ պետականութեան տարիներուն ամբողջ տարածաշրջանին մէջ խառնակ կացութիւն կը տիրէր, ինչ որ աւելի սրեցաւ 13-14 դարերուն: Միջին Արեւելքը խաչակիրներու, մոնկոլ-թաթարներու, արաբներու եւ մեմլուքներու  համար պատերազմներու բեմ դարձած էր, որմէ անմասն չէր կրնար մնալ հայկական թագաւորութիւնը, եւ որ կը մաշեցնէր զինք` սպառնալով իր գոյութեան:

Այս շրջանին, 14-րդ դարու առաջին տարիներուն,  արքունիքին ու օրուան կաթողիկոսին համամտութեամբ, Սիսի մէջ գումարուեցաւ կրօնական ժողով մը, ուր որոշուեցաւ մեր եկեղեցին միացնել լատին` պապական եկեղեցիին, յուսալով, որ ատով կ՛ապահովուի Եւրոպայի նեցուկն ու երաշխաւորութիւնը` Կիլիկիոյ անվտանգութեան համար: Այդ որոշումը պառակտեց ժողովուրդը, կրօնական սուր վէճեր ստեղծեց եւ հետագայ տարիներուն պատճառ  դարձաւ թագաւորութեան անկումին: Կիլիկիայէն դուրս գտնուող հայ եկեղեցականները իրենց յարաբերութիւնը խզեցին կաթողիկոսութեան հետ եւ Սարգիս անունով եպիսկոպոս մը Երուսաղէմի մէջ հիմնեց Երուսաղէմի անկախ պատրիարքութիւն` 1311-ին, որ կը շարունակուի մինչեւ հիմա: Այս պատրիարքութիւնը նուիրապետական միակ աթոռն է, որ կը գործէ կղերապետական հիմունքով:

  1. Պոլսոյ պատրիարքութիւն.

Կոստանդնուպոլիսը թուրքերու կողմէ գրաւուեցաւ 1453 թուականին, որուն պատճառով Եւրոպա փախան` արուեստագէտներ, գրագէտ-բանաստեղծներ, մտաւորականներ, մտածող մարդիկ եւ այլն, որոնք սկիզբը դրին Եւրոպայի վերածնունդին:

Գրաւող սուլթանը` «ֆաթիհ» (յաղթական) կոչեցեալ, Կ. Պոլիսը իր մայրաքաղաքը դարձնելէն ետք, 1461 թուականին Յովակիմ անունով Պուրսա քաղաքի հայ եպիսկոպոսը հոն հրաւիրեց եւ զայն կարգեց պատրիարք` իրեն հպատակ բոլոր հայերուն համար: Հայոց պատրիարքութեան հիմնադրութեամբ, սուլթանը  գլխաւորաբար երեք նպատակ կը հետապնդէր.

ա. Քաջալերել հայերը, որ  համախմբուին Կ. Պոլսոյ մէջ ու շէնցնեն զայն:

բ.  Յոյներու պատրիարքութեան հեղինակութիւնը նուազեցնել ու հաւասարակշռել անոր ազդեցութիւնը:

գ.  Իր իշխանութեան տակ գտնուող հայերը խզել Էջմիածնէն, որ այդ ժամանակ կը գտնուէր Թուրքիոյ թշնամի Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ:

Սուլթանը կը վախնար, որ պարսիկները կ՛օգտագործեն Էջմիածնի կաթողիկոսութիւնը եւ եկեղեցւոյ միջոցով հայերէ բաղկացած «5-րդ զօրասիւն» կը ստեղծեն եւ խառնակութիւններ կը յառաջացնեն իր իշխանութեան մէջ:

Ահա թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ ունեցանք Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնը:

Բ)  Ազգային սահմանադրութիւն.

Օսմանեան տիրապետութեան բովանդակ շրջանին, Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան հիմնադրումով, կայսրութեան մէջ ապրող հայերուն քաղաքացիական կեանքը վարելու իրաւունքը կը վերապահուէր եկեղեցիին` սուլթանին կողմէ հաստատուած կանոնագրութեամբ մը:

Տարիներու ընթացքին, մայրաքաղաքին մէջ հետզհետէ կը ձեւաւորուէր հարուստ ու պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ բարեկամական ծանօթութիւններ հաստատած հայ ամիրայական դասակարգ մը, թիւով` շուրջ 200, որ իբրեւ նորաբոյս «ազնուականութիւն»` պատրիարքներուն հետ կը ղեկավարէր հայ կեանքը: Բնականաբար այդ ամիրաները ունէին իրենց առաջնային օրակարգը, սեփական հարստութիւնն ու ծանօթութիւնները չվտանգելու կանխահոգութիւնը եւ նկատի չէին առներ հայ զանգուածներու սպասումներն ու կարիքները` անտեսելով հետզհետէ սաստկացող  անոնց դժգոհութիւնները:

Ամիրաներու կամայական գործունէութեան դէմ արհեստաւոր պարզ ժողովուրդին դժգոհութիւնը  կը մեծնար, պայքարի տրամադրութիւնը կը ծաւալէր  յատկապէս 19-րդ դարու կէսերուն, երբ հրապարակ կու գային Եւրոպայի մէջ ուսանած եւ ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարներով ներշնչուած երիտասարդներ, որոնք իրարու կը մօտեցնէին երկու հակադիր դասակարգերը եւ ժողովրդավարական հիմքի վրայ կը պատրաստէին ազգային սահմանադրութիւն մը` 1860-ին, որ սուլթանական պետութեան կողմէ կը վաւերացուէր 1863-ի մարտի 30-ին:

Ազգային սահմանադրութիւնը իր ժողովրդավար հիմունքով դարձակէտ  կը դառնար ոչ միայն ընտրովի ներկայացուցիչներով ազգային գործերը ղեկավարելու իր էութեան համար, այլ նաեւ` հայ մարդուն մօտ յանձնառութեան ու կամաւոր մասնակցութեան այնքան կարեւոր զգացումը  զարգացնելու տեսակէտով, ինչ որ կեանքի չափ կարեւոր է պետականազուրկ ազգի մը համար:

«Իւրաքանչիւր ազգային պարտաւորութիւններ ունի ազգին հանդէպ եւ, փոխադարձաբար, ազգն ալ պարտաւորութիւններ ունի ազգայիններուն հանդէպ»…

Ահա հիմնական սկզբունքը, որուն վրայ կը կառուցուէին Ազգային սահմանադրութեան հրահանգները:

Ատով թրքահպատակ հայերը ձեւով մը կ՛ունենային ներքին անկախութիւն` իրենց կրօնական, ամուսնական, ժառանգական, մշակութային թէ կրթական կեանքը վարելու`  համապատասխան խորհուրդներով ու մարմիններով: Մանրատիպ կառավարութեան մը աշխատանքի շրջագիծ, որմէ քաղուած փորձառութիւնը յաջողութեամբ ու արդիւնաւորութեամբ պիտի կիրարկուէր նաեւ սփիւռքեան կեանքի մէջ:

Եւ իրապէս, 1863-էն  մինչեւ այսօր հայրենազուրկ հայութեան ազգային կեանքը կը ղեկավարուի  միեւնոյն սահմանադրութեան օրէնքներով, անշուշտ, ըստ պահանջի, որոշ բարեփոխութիւններով: Պոլսոյ պատրիարքութեան փոխարէն` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն է, որ կը ղեկավարուի եւ իր թեմերը կը ղեկավարէ Ազգային սահմանադրութեան սկզբունքներով:

Դժուար պիտի ըլլար  սփիւռքը պատկերացնել այնպէս, ինչպէս որ կայ ան այսօր` առանց ազգային Սահմանադրութեան:

Իբրեւ քննելի նիւթ` ժողովականներու կողմէ առաջադրուեցան հետեւեալ հարցականները.

1) Ազգային սահմանադրութեան վաւերացման օրերուն հայ կեանքի մէջ քաղաքական կուսակցութիւններ չկային: Չունէինք նաեւ պետականութիւն: Հիմա որ ունինք,  ներկայ պայմաններու մէջ Ազգային սահմանադրութիւնը կը պահէ՞ իր այժմէականութիւնը, թէ՞ ոչ:

2) Էապէս բարոյական հասկացողութեան վրայ հիմնուած կառոյց  մը, այսինքն` ազգային Սահմանադրութիւնը, որուն յենարանը հաստատուած է փոխադարձ պարտաւորութեան եւ յարգանքի վրայ, կարելի՞ է համարել կենսագործ, յատկապէս` սփիւռքեան պայմաններու մէջ…

3) Ինչո՞ւ սկզբնական շրջանի Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ցուցաբերուած որոշ բարեացակամութենէ ետք ցեղասպանութիւնը գործուեցաւ… եւ այլն, եւ այլն: Նիւթեր, որոնց  մասին յառաջիկային զրուցելու առիթ ըլլայ  թերեւս:

Աթէնք, 24 փետրուար 2018


Դիմաւորել 100-Ամեակը 9. Ուժերը Մէկտեղել Եւ Վերականգնիլ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հարիւրամեակ պիտի տօնուի:

Ինչպէս որ կը տօնենք բոլոր տարեդարձները, կարեւոր եւ անկարեւոր, որպէսզի զգանք, որ կանք:

Հասունութեան հասած ժողովուրդ մը գիտէ իր անցեալին հետ հաշտուիլ, արդար արժեւորումներ ընել, վերականգնիլ եւ ձգտիլ աւելի լաւ ապագայի մը:

Ֆրանսան պիտի հրատարակէ իր ցեղապաշտական գաղափարներուն համար դատապարտուած մեծ գրող Սելինի գործերը: Այսինքն գաղափարական-քաղաքական նկատառումները բաւարար պատճառներ չեն անտեսման, արժեզրկման: Քաջութիւն պէտք է ունենալ պատմութեան ընթացքին դրսեւորուած հակասութիւնները հասկնալու` հրաժարելով քէն ու քինախնդրութիւն որոճալէ, կացինի հարուածներով որոշելէ լաւը եւ վատը:

Քաղաքակրթական եւ մշակութային հասունութեան հարց է:

Համացանցի վրայ տեղադրուած էջ մը ուշադրութիւնս գրաւեց` «Դաշնակցութիւնը պատմութեան դատաստանի առջեւ»: Ինչպէս ըսուած է, «Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Աշոտ Սարգսեանի հեղինակութեամբ» պատրաստուած էջեր, ուր կը ներկայացուին ՀՅ Դաշնակցութեան սխալները: Պատմութեան դէպքերը, ըսուած խօսքերը միշտ կարելի է մեկնաբանել` ըստ հայեցակէտի: Բայց պէտք է գիտնալ նաեւ, որ երբ պատմութիւնը ընթացքի մէջ է, երբ ընտրանքներ կը կատարուին, կայ պահը, կան դէպքերու խաչաձեւումները, խառնուածքները, հակազդեցութիւնները, բոլորը գումարած` վերլուծողին կը թելադրեն այն իմաստութիւնը, որ քաղաքական գործի մէջ սխալիլը բնական է: Այդպէս կը գրուի պատմութիւնը:

Մեծ գաղափարներով սկսած Ֆրանսական  յեղափոխութիւնը, որ նպաստաւոր եղաւ ազատութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու նուաճման համար, ինքզինք խեղդեց արեան բաղնիքի մէջ: Ինչպէ՞ս դատել այդ յեղափոխութիւնը: Ի՞նչ կ՛ըսէ ողջախոհութիւնը:

Ինչպէ՞ս դատել խորհրդային շրջանին տեղի ունեցած դէպքերը, զրպարտութիւնները, Երեւանի բանտի ջարդերը, Փետրուարեան ապստամբութիւնը, 1937-1939 մաքրագործումները, յիշել Նայիրի Զարեանի ամբաստանութիւնները` Ակսել Բակունցի դէմ, եւ այլ մատնութիւնները, որոնց արխիւները չեն հրապարակուիր:

Հայաստանի պատմութեան խորհրդային շրջանը աւարտած է, բայց չէ հինցած: Ան մաս կը կազմէ մեր անցեալին` իր սեւով եւ սպիտակով: Այդ անցեալը եւս պէտք է հասկնալ, տեւաբար կարելի չէ քարացած դիրքերու վրայ մնալ եւ նիզակ ճօճել: Նման ընթացք կ՛առաջնորդէ նաեւ դրական արդիւնքներու ուրացման եւ անկարելի կը դարձնէ ներազգային միասնութիւնը, որ այնքան կարեւոր է դժուար ճանապարհ անցած մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար:

Անցեալը հասկնալով` ճամբայ կը հարթենք դրական աշխատանքի, միասնութեան եւ միացեալի, դէպի երկիր եւ մէկ ազգ մէկ մշակոյթ կարգախօսներու կենսագործման:

Քաղաքական գործի մէջ սխալիլը ընթացիկ երեւոյթ է, ընդունուած է, հոն խրիլը եւ հոն մնալը դատապարտելի են:

Հռոմէական պատմութենէն դէպք մը զիս տպաւորած է, եւ յաճախ կը յիշեմ, որ նաեւ թատերական երկի վերածուած ԺԷ. դարուն: Օգոստոս կայսրը նախկին Օկտաւն է, որուն դէմ դաւադրած են մարդիկ, բայց ինք ներած է, եւ երբ զինք քննադատած են այդ ներման համար, ինք ըսած է, որ աններող էր, երբ Օկտաւ էր, իսկ այժմ Օգոստոս է, այսինքն` կայսր: Մենք ալ, մեր քարացած, ա՛լ անհեթեթ դարձած քէները եւ անսխալականութիւնը յաղթահարելով, բոլոր մակարդակներու վրայ, պիտի կարենա՞նք Օգոստոս ըլլալ եւ նայիլ դէպի գալիքը, մեր եսէն անդին` սեւեռել ազգը եւ հայրենիքը: Այս կ՛ըլլայ հակադիրքապաշտական եւ հակակողմնապաշտական քաղաքական հասունութիւն:

Կ՛ունենա՞նք այդ հասունութիւնը:

Նախ այլեւս չխարխափելու եւ ապա ստրուկ չըլլալու համար, ո՛չ դուրսի իշխանաւորին, ո՛չ ներքին տիրակալին, վասն դիրքի, եսի, ոսկի հորթի պաշտամունքի, ախտեր, որոնք եղած են եւ կան, զորս պէտք է յաղթահարել, եթէ ասդին-անդին կրկնուած կարգախօսները փուչիկ չեն: Եսի թելադրանքը ախտավարակ երեւոյթ է, զոր յաղթահարած են իրաւ մեծերը, որոնք գիտցած են, որ անսխալական չեն եւ չեն յաւերժացած դիրքերու վրայ: Մեր ժողովուրդը, եսերէն անդին, հաւանօրէն իր կրած ծանր հարուածներուն եւ ուրիշներու կապկումին պատճառով անկարող եղած է միշտ առաջնորդուիլ ազգային գաղափարախօսութեան եւ ազգային մտածողութեան հիմնարար արժէքներով, այդ ունեցողներն ալ անտեսուած են, լռեցուած, ազգային-քաղաքական ճշմարիտ անբարոյութիւն: 1937-1939 տխուր եւ ազգավնաս ծանրակշիռ դէպքերը եւ նորագոյն շրջանի` 1994-ի զրպարտութիւնները եւ գիրք ու տպարան փճացնող վանտալիզմները հարկ է լուսաբանել, տեսնել թիւրն ու թերին, բուժուիլ ախտերէն եւ ընթանալ դէպի առաջ: Այս ճիգը անհրաժեշտ է պատմութեան, գրականութեան, տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան մակարդակներուն: Օր մըն ալ սորվելու համար, թէ ի՛նչ պէտք է ըսել, ի՛նչ չըսել, չըսուելիքը գիտնալ:

Հայաստանի «Գրական Թերթ»-ի 25 օգոստոս 1936-ի համարին մէջ Նայիրի Զարեան կ՛ամբաստանէր Ակսել Բակունցը` որպէս ժողովուրդի թշնամի: Արտասահմանը ետ չէր մնար, խորհրդային դեսպանատուներու գործակցողներ կային: Ցարական կամ օսմանեան ոստիկանութեան գործակցողներ ալ եղած են: Ինչպիսի դէմքեր եղած են եւ կան, որոնց նկատմամբ գործադրուած է սեւացրէ՛քի քաղաքականութիւն: Տարակարծիք ըլլալը անբնական չէ: Զրպարտութիւնն ու հալածանքը ոճիր են: Պէտք չէր ընել եւ պէտք չէ ըսել եւ ընել բաներ, որոնք կը վնասեն ազգին` հպատակելով եսի, փառասիրութեան եւ ընչաքաղցութեան:

Հայաստանի անդրանիկ անկախ հանրապետութեան հարիւրամեակին առիթով մեր ժողովուրդին կողմէ գործուած բացասականութիւնները հասկնալու, սրբագրելու եւ անոնցմէ քաղուած դասով եւ փորձառութեամբ պէտք է դիմաւորել տասնամեակները, որոնք մեր առջեւն են, ուր մեզմէ իւրաքանչիւրէն պիտի պահանջուի անձնական վերաբերում եւ յանձնառութիւն` որպէս ազգի անդամի: Այդ յանձնառութիւնը կ՛ենթադրէ չըլլալ ուրիշի ծառայ` ի վնաս հայրենիքին, նաեւ` դադրիլ ըլլալէ օտարի դրան մնայուն եւ կորստեան դատապարտուած հիւր-ծառայ:

Կրկին կարդալ Վիգէն Խեչումեանը, որպէսզի գիտնանք, թէ ո՛ւր կ՛երթանք, ո՛ւր կրնանք հասնիլ, որպէսզի հարիւրամեակը, այլ տարեդարձներ,  զբօսաշրջիկներ կամ հարբածներ զուարճացնող սոսկ ցուցադրութիւն չըլլան, այլ` վերականգնումի միտող համագործակցութիւններու սկիզբ եւ ճամբայ:

Ղեկավարներէն կ՛ակնկալուի ժողովուրդը հոգեպէս մաքրելու, ինքզինքին եւ միւսին հետ հաշտուելու քաղաքականութիւն, որ ինքնանպատակ պիտի չըլլայ, այլ ուղղուած` դէպի հայոց իրաւունքը եւ ապագան:

Բայց` ոչ միայն անոնցմէ: Այլ` ունենալ ողջմիտ եւ գիտակից ազգայինի վերաբերում:

Այսինքն չափահաս դառնալու եւ մեծնալու ժամանակն է:

Որպէսզի մոռցուած ճամպրուկի պէս չմնանք պատմութեան քարափին, երբ ժամանակը գայ եւ անցնի:

Երբ բացակայի ազգի հիմնականը, ամէն կարգի արդարացումները շատախօսութիւն են, ճպուռի երգ, նոյնիսկ երբ բարձրախօսները կ՛աղմկեն:

Երէկի եւ այսօրուան տարակարծութիւնները եւ քննադատութիւնները դատապարտուած են անհետ կորսուելու, եթէ ազգը` որպէս հաւաքական հակաեսական կամք, տէր չըլլայ իր ինքնութեան եւ ապագային: Այս տեսանկիւնէն պէտք է դիտել եւ դատել հայրենալքում-արտագաղթը եւ չիրականացող հայրենադարձութիւնը:

Մենք մեզի հետ հաշտուելու եւ ապագայ կերտելու համար կարիք ունինք կոշտ իրապաշտութեան, հանրային կեանքի բոլոր ճակատներուն վրայ, առանց ծանծաղելու միջին ճամբաներ փնտռելով, կամ գոհանալով քիթ-շրթունք գեղեցկացնելու նմանող խօսքերով եւ նախաձեռնութիւններով, կրկին յիշեցնելով` Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Ժամանակը կանգ չ՛առներ` սպասելով, որ մենք աւարտենք մեր վէճերը եւ ծամօնի պէս ինքնացուցադրական եւ յաւելեալ իրաւունքի վերլուծումները, որոնք կ՛առաջնորդեն հաւկուրութեան:

Այնքան պարզ է իրատեսական ճշմարտութիւնը, որ Ազգի վաղը այսօ՛ր է: Ներկայութեամբ:

11 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

Բալենին

$
0
0

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Վերջերս Քանատայի Լաւալ քաղաքին մէջ լոյս տեսած «Բալենին» մանուկներու գիրքը ժամանակակից հայ հաւաքական կեանքի հազուագիւտ յառաջդիմական երեւոյթներէն է: Գիրքին հեղինակ` Թալին Լատոյեանը, իր այս ստեղծագործութեամբ, ոչ միայն փշրած է վատառողջ նախապաշարումներու ու յետամնաց կարծրատիպերու պատուարը, այլ իր սեփական ներաշխարհը, արհեստավարժական ու զգացական միաձոյլ շաղախով, ամբողջովին ներդրած` գրական այս կտորին մէջ:

«Բալենին» յատուկ կարիքներ ունեցող մանուկներու մասին մանկական պատմուածք մըն է, օժտուած` անտիպ նկարներով ու բանաստեղծական դիւրընկալ կառոյցով: Գիրքին բովանդակութիւնը լուսաբանական ու դաստիարակչական ուղեցոյց մըն է երեխաներու` զիրենք ծանօթացնելու յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու իրականութեան, անոնց իւրայատկութիւններուն, իրենց հետ վերաբերելու պատշաճ եղանակին, մարդու մէկութեան գաղափարին ու ընկերային համարկումի անհրաժեշտութեան: «Բալենին» թէեւ, ըստ ձեւի, մանուկներու գիրք է, այդուհանդերձ, անիկա խօսուն է նաեւ չափահասերու, որոնք կոչուած են կեանքի պատրաստելու այնպիսի սերունդ մը, որ ո՛չ միայն գիտէ ապրիլ, այլ նաեւ` ապրեցնե՛լ իր հետ, ո՛չ միայն գիտէ զարգանալ եւ յառաջանալ, այլ նաեւ` օգնե՛լ զարգացնելու ու յառաջացնելու իրեն շրջապատը:

Լատոյեանի ճառագայթող կորովը միաժամանակ սպեղանի է այն ծնողներուն, որոնք լուռ ու ինքնամփոփ կը դիմագրաւեն նոյնանման պարագաներ: «Բալենին»-ով, սակայն, հեղինակին նպատակը կ՛անցնի լացի ամոքող ուս մը տրամադրելու սահմանները, ու կնճռոտ իրականութիւնները ընդունելու, դժուար կացութիւններու հետ համակերպելու, անոնց մասին խօսելու,դրականութեան կառչած մնալու եւ այդ բոլորը սիրոյ ու փոխ յարգանքի պատուանդանին վրայ բանեցնելու կենցաղային այլընտրանք մը կը ներկայացնէ:

«Բալենին», գիրքէ աւելի, աշխարհընկալման եզակի մօտեցում է: Կեանքի շպրտած սեպերուն դիմաց տակաւին գեղեցիկն ու բարին տեսնելու ու արժեւորելու կարողութիւնն է: Վերջապէս, այդ գեղեցկութեամբ ու բարութեամբ զինուած,կեանքի ընթացքը լաւատեսութեամբ ու եռանդով շարունակելու խիզախութիւնն է:

 

Յ.Գ.Շաբաթ, 27  Յունուար 2018-ին, Լաւալի Հայ Կեդրոնի «Պարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բալենին»-ի շնորհահանդէսը,որուն ընթացքին Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարդան վրդ. Թաշճեանը կատարեց գիրքին գինեձօնը եւ ներկայացուց անոր խորհուրդը:

Շաբաթ 7  եւ կիրակի 8 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-էն 5:00, Լաւալի Indigo գրախանութին մէջ տեղի պիտի ունենայ գիրքի մակագրութիւն-վաճառքը: Մուտքը ազատ, հրաւէրը` ուղղուած բոլորին:

Գիրքը նաեւ կը վաճառուի` Համազգայինի գրատարածին եւ Café de la presse-ին մօտ (2864 Rue de Salaberry, Montréal, QC H3M 1L3), ինչպէս նաեւ Համազգայինի գրախանութ (Լիբանան), իսկ ապրիլ 7-էն սկսեալ Indigo գրախանութին մէջ, Լաւալ (900 Boulevard le Corbusier, Laval, QC H7N 0A9):

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել`
http://www.paleny.ca
https://www.facebook.com/Palenythebook/

Հայ Կինը Հայրենասիրութեան Եւ Առաքինութեան Օրինակ

$
0
0

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Մարտ 8-ը ամբողջ աշխարհը կը հրաւիրէ կինը ընդունիլ այնպէս, ինչպէս որ է ան` իբրեւ մայրութեան հրաշալիք, իբրեւ կեանքի աղբիւր, իբրեւ ինքզինք իրագործելու կոչուած առաքելուհի, ստեղծարար ներկայութիւն:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Մարտ ութը` որպէս Կնոջ միջազգային օր, առաջին անգամ ըլլալով նշուած է 1909 փետրուար 28-ին` հետագային փոխադրուելով մարտ  8-ի:

Այս օրը աշխարհի չորս ծագերուն կը նշուի խորհրդանշական ցոյցերով, տօնակատարութիւններով, խորհրդաժողովներով` փառաբանելու համար կնոջ ձեռք բերած նուաճումները` տնտեսական, քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային մարզերէն ներս, նաեւ պահանջելու կնոջ  ձեռք չբերուած իրաւունքները  եւ բարելաւելու աշխարհի բոլոր կիներուն` մանաւանդ իրաւազրկուածներուն  վիճակը: Մարտ 8-ը կարգ մը երկիրներու մէջ կորսնցուցած է իր իմաստը եւ միաձուլուած է Մայրերու օրուան  եւ սիրահարներու օրուան հետ: Այս  օրը մեծ շուքով կը նշուէր Խորհրդային Միութեան մէջ: Հայաստանի մէջ, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, այս  օրուան  տօնակատարութիւններուն  կողքին նաեւ  սկսաւ յիշուիլ Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնը ապրիլի 7-ին: Ներկայիս ամբողջ ամիս մը  այս տօնը կը նշեն Հայաստանի մէջ` մարտ 8-էն մինչեւ ապրիլ 7-ը` իբրեւ կիներու տօն:

Ո՞վ է կինը:

Կնոջ մէջ հզօր ներուժ կայ, կինը երբ այդ ուժը բարի բաներու վրայ կեդրոնացնէ` իր իմաստութեամբ, քաղցրութեամբ ճկունութեամբ եւ հեզութեամբ, շատ բաներ կրնայ ընել կամ փոխել: Կրնայ նուաճել անյաղթահարելի դժուարութիւններ:

Նոր կտակարանին մէջ կինը Աստուծոյ շնորհքին կ՛արժանանայ, Աստուծոյ որդին կը մարդեղանայ կնոջ ճամբով: Այս իրողութիւնը մեծ յեղաշրջում մըն էր արական սեռի գերիշխանութեան տակ   գտնուող կնոջ համար: Կինը ներկայութիւն կը դառնայ ոչ միայն Քրիստոսի առակներուն, հրաշքներուն  ուսուցումներուն մէջ, ապա նաեւ փրկագործական խորհուրդին մաս կը կազմէ` սուրբ Մարիամ Աստուածածնի  միջոցով` որպէս տիպար կին եւ օրինակելի մայր:

Քրիստոս եւ առաքեալները կը մերժեն  հրեաներու, յոյներու ու հռոմայեցիներու մօտ ընդունուած այր մարդուն գերակայութիւնը կնոջ  վրայ` շեշտելով այր եւ կնոջ հաւասարութիւնը:

Հայ Կինը:

Առաջին դարերէն սկսեալ Հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ կնոջ մասնակցութիւնը եղած է կարեւոր: Ունեցած ենք յայտնի ու անյայտ բազմաթիւ նուիրեալ կիներ: Հայոց պատմութիւնը  կը վկայէ կիներու մասին, որոնք կը նուիրուին բարեգործութեան եւ մանուկներու մտաւոր ու հոգեւոր դաստիարակութեան գործին, ինչպէս` հինգերորդ դարու Վարդանանց հերոսամարտի կիները, որոնք բնաւ չունեցան պահանջը իրենք զիրենք այրերէն բարձր դասելու, որովհետեւ արդէն անոնք գիտակից էին իրենց դերին եւ դերակատարութեան` իբրեւ մայր, կին, քոյր, իբրեւ դաստիարակ:

Հետագայ դարերուն կը  տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս Զապէլ թագուհի` Լեւոն Մեծագործի միակ դուստրը, Հեթումի թագակիցը, ուսեալ էր եւ 13 տարեկանէն արդէն իսկ Կիլիկիան կը կառավարէր: Սիս մայրաքաղաքին մէջ շինել տուած էր աղքատանոց եւ հիւանդանոց:

Հայ կինը նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է եկեղեցիներու կառուցման գործին:

Մարիամ Բագրատունի: Սիւնեաց իշխանուհին էր, այրի եւ բարեպաշտ. եկեղեցիներ եւ մենաստաններ կառուցած էր: Ան կառուցած է Սեւանայ վանքը:

Հայ կինը պատմութեան ընթացքին եղած է նաեւ արուեստասէր: 10-րդ դարուն Խոսրովանուշ թագուհին` Աշոտ Գ. Ողորմած թագաւորի  կողակիցը, կառուցել տուած է Հաղբատի եւ Սանահինի համալսարան-վանքերը, որոնց համար ծախսած է իր օժիտը: Ան ջանք չէ խնայած այդ դպրեվանքերը վերածելու ուսման եւ գիտութեան կեդրոններու:

Հայ կինն է դարձեալ,  որ մեր ազատագրական շարժումներուն ընթացքին օրհնեց, ճամբայ դրաւ իր ամուսինը դէպի մարտի դաշտ` պաշտպանելու համար հայրենիքը, ինք եւս անոր կողքին զէնք վերցուց, երբ  ելք չէր մնացած: Բազմաթիւ են հայ կին ֆետայիներու օրինակները:

Ռուբինեանց Հեթում սպարապետին կինը` Զարմանուհի տիկինը մեզի հերոսութեան ցայտուն օրինակ մը կու տայ: Երբ 1363 թուականին Սիս մայրաքաղաքը  պաշարուեցաւ, ան իր ամուսնոյն կողքին կռուեցաւ եւ Ատանայի դաշտին մէջ տեղի ունեցած մարտերուն ընթացքին իր ձեռքով սպաննեց մեմլուք զօրավար Էօմերը: Ռուբինեանց անկումէն ետք, երբ ամուսինը դաւադրաբար սպաննուեցաւ, Զարմանուհի տիկինը իր Գէորգ զաւկին հետ ապաստանեցաւ լեռները: Հինգ տարի աստանդական կեանք վարելէ ետք, ի վերջոյ, յաջողեցաւ 300 քաջ լեռնականներ հաւաքել իր դրօշին տակ. հերոս հայուհին յարձակեցաւ թուրքերուն վրայ` իր ընթացքով ցոյց տալով հայ կնոջ հայրենասիրութեան  եւ ազատատենչութեան  անընկճելի ոգին:

Անպարտելի հայ կնոջ ոգիին  գեղեցիկ  օրինակը տուած է  նաեւ 12-րդ դարուն Այծեմնիկ տիկինը կամ` Այծեամ Անեցին, երբ պարսկական ու արաբական զօրքերը գրոհեցին Անիի վրայ, ժողովուրդը  դիմեց ինքնապաշտպանութեան: Այծեմնիկ տիկին արիաբար դիրքէ դիրք վազեց մարտիկները խրախուսելու համար` առանց ուշադրութիւն դարձնելու իր ստացած վէրքերուն: Ազատասէր տիկնոջ օրինակը խանդավառեց բոլորը, որուն շնորհիւ` հայերը կրցան ետ մղել թշնամին:

Յիշեալ կիները բոլորն ալ ազնուական դասակարգին կը պատկանէին, սակայն այս  նոյն հզօր ոգին կը տիրէր նաեւ հասարակ ժողովուրդին մէջ:

Հայ կնոջ դերը  մեծ նշանակութիւն ունեցած է մեր պատմութեան մէջ, մանաւանդ` ողբերգական պայմաններուն մէջ: Որբերը հաւաքելու ու դաստիարակելու, հիւանդները խնամելու, աղքատներն ու այրիները պատսպարելու, սգաւորները մխիթարելու եւ չքաւորներուն նիւթապէս  օժանդակելու գործին օրինակելի նուիրումով լծուած է հայ կինը: Աշխէն թագուհի եւ   Շուշանիկ Պահլաւունի  ցայտուն օրինակներ են հայ կնոջ  նուիրուածութեան:

Մեծ եղեռնի օրերուն Տէր Զօրի աւազներուն վրայ հայ կինը եղաւ ուսուցչուհի եւ մայր:

Պոլսոյ եւ Արեւմտահայաստանի մէջ կին գործիչներ եւ մտաւորականներ կը գործէին ընդհատակեայ: Գրող, դերասան, բժշկուհի, արուեստագիտուհի, ուսեալ, միանձնուհի` բոլորն ալ զոհ գացին Մեծ եղեռնին, եւ որոնց մասին չունինք բաւարար տեղեկութիւններ:

Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ազնուական տոհմերու պատկանող տիկիններու մեկենասութեամբ գրի առնուած բազմաթիւ ձեռագիրները եւ անոնց բարերարութեամբ կառուցուած եկեղեցիները,  կանգնեցուած խաչքարերը եղած են անոնց մտայղացման  արդիւնքը: Զարթօնքի շրջանէն սկսեալ հայուհիներ մասնակցած են մեր գրականութեան զարգացման եւ կազմաւորման գործին, ինչպէս` Սրբուհի Տիւսաբ, որ ստացած էր եւրոպական կրթութիւն եւ եղած էր ֆեմինիստական շարժման ջատագովներէն. նոյնպէս հայ թատրոնն ու երաժշտութիւնը  եւ հայ արուեստի տարբեր բնագաւառներ հայուհիներու ձեռամբ արձանագրած  են նուաճումներ:

Եղեռնի օրերուն հրաշքով փրկուած կարգ մը մտաւորականներու կողքին, փրկուած է նաեւ  մտաւորական Զապէլ Եսայեանը, որ յայտնուած էր երիտթուրքերու «Սեւ ցուցակ»-ին մէջ: Ան չկիսեց միւս հայ գրողներուն ճակատագիրը` իր  գործադրած հզօր ջանքերուն շնորհիւ:

Երբ թուրք ոստիկաններ շքամուտքին առջեւ հարցուցած են, թէ ի՞նքն է արդեօք Զապէլ Եսայեանը, ան պատասխանած է. «Ո՛չ, Զապէլը ներսն է»: Եւ կրցած է ծպտուած դուրս գալ Թուրքիայէն: Թրքական եաթաղանէն մազապուրծ ազատած, Փարիզ ուսանած Եսայեան զոհը  դարձաւ  ստալինեան եղեռնին`ճաշակելով համայնավարութեան բանտի անլուր չարչարանքները, թաղուելով անծանօթ վայրի մը մէջ: Իր մահէն ետք իրմէ մեզի կը հասնի 19 նամակ` գրուած Երեւանի, Լենինականի, Պաքուի բանտերէն, հասցէագրուած իր որդւոյն` Հրանդին, աղջկան` Սոֆիին եւ հարսին` Բերկրուհիին, փոստային բացիկներու եւ թուղթի պատառիկներու վրայ գրուած:

Հետագային մեծ լռութիւն մը կը տիրէ գրողին անուան շուրջ, մինչեւ այն պահը, երբ խորհրդային հասարակարգը կ՛արժեւորէ զինք:

Երբ իր զաւակներուն հետ1933 թուականին Փարիզէն կը տեղափոխուի Խորհրդային Հայաստան, Եսայեան կ՛ընդունուի Համայնավար կուսակցութեան շարքերը, այդ պատճառով ալ թերեւս սփիւռքի մէջ կը զրկուի  իր հեղինակութենէն: Ան Հայաստանի մէջ աշխատանք տարած է հայ տարագիրներու եւ որբերու հաւաքագրման եւ տեղաւորման գործին մէջ: Երբ անոր  հարցուցած են, թէ ինչպէ՞ս կը դիմանար Երեւանի պայմանններուն «բարեկեցիկ Փարիզէն ետք», պատասխանած է. «Անյարմարութիւնները ոչ մէկ նշանակութիւն ունին ինծի համար, քանի որ ես կը մասնակցիմ իմ երկրիս ապագայի կառուցման»…

Եսայեան իր գրիչով եւ կեանքով աշխատած է հայ կինը մղել  ընկերային ասպարէզ` իբրեւ դերակատար այր մարդու կողքին եւ անոր հետ հաւասար իրաւունքներով: Ան տարածած է ազատամիտ գաղափարներ` կնոջ  բարոյական եւ մտաւորական վիճակը բարեփոխելու համար: Ջանացած է հերքել կնոջ կարողութիւնները  ստորադասող կարծիքները:Ան իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար: Կինը ծնած է իր խելքը, մտային,բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները  զարգացնելու համար: Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը  միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ` երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը»: Ան իր գրիչով եւ կեանքով աշխատած է հայ կինը մղել ընկերային ասպարէզ` իբրեւ գործօն դերակատար այր մարդու կողքին եւ անոր հետ հաւասար իրաւունքներով:

Զապէլ Ասատուր (Սիպիլ) ամուսնոյն` Հրանդ Ասատուրի հետ, աղէտի տարիներուն թաքնուելով Պոլսոյ մէջ, փրկուեցաւ թուրքին դանակէն: Ան  մտաւորական շարժում ու գրական հոսանք յառաջացուց  պոլսահայ իրականութեան մէջ, 19-րդ դարու վերջը  եւ 20-րդ դարու սկիզբը: Ան  Ազգանուէր հայուհեաց ընկերութեան հիմնադրութեան նախաձեռնողներէն մին եղաւ: Պոլսոյ եւ յատկապէս հայկական գաւառներու մէջ  հայուհիներու համար դպրոցներ բանալու նպատակը հետապնդեց: Քառորդ դար  այդ ընկերութիւնը գոյատեւեց` հոգալով  կրթաթոշակը հայուհիներու ուսման: Իսկ  հետագային լծուեցաւ  ջարդերու պատճառով անտէր մնացած որբերու հոգատարութեան:

Սիպիլ իր երկրորդ ամուսինին` Հրանդ Ասատուրի  հետ հայոց լեզուի, քերականութեան եւ գրական ընթերցումներու «Թանգարան» անունով դասագիրքերու շարքը կը պատրաստէ, որ ամբողջ քառորդ դար կը ծառայէ հայ սերունդի դաստիարակութեան գործին: Սիպիլ  հայ կնոջ իրաւունքներու պաշտպանութեան  ու ազատութեան գրական դպրոցը ստեղծեց իր ստեղծագործութիւններով, ինչպէս` Զապէլ Եսայեան:

Հրանուշ Մարք, որ կինն էր Երուանդ Թոլայեանի, կը խմբագրէր կնոջական թերթ մը, նոյն ատեն յօդուածներ կը գրէր պոլսահայ մամուլին մէջ Եղեռնի տարիներուն:

Մարի Պէյլերեան Գահիրէի մէջ կը հրատարակէ «Արտեմիս» անունով կնոջական պարբերաթերթ մը, Մեծ եղեռնի նախօրեակին գործով Պոլիս կը գտնուի եւ կը նահատակուի մնացեալ մտաւորականներուն հետ:

Հայ կնոջ իսկական առաքելութիւնը առաքինի կին, ինչո՞ւ չէ, մայր դառնալուն մէջ է նաեւ, որուն մէջ կայ մեծ կոչում ու նպատակ: Եթէ առողջ է հայ կինը, առողջ է հայ մայրը, առողջ է նաեւ  հայութիւնը, հետեւաբար առողջ հոգիով մօր կամ հայ կնոջ պարտքն է արթուն հսկել իբրեւ պահապան հրեշտակ իր ընտանիքին վրայ`  մայրենի լեզուին նկատմամբ իր ունեցած նախանձախնդրութեամբ եւ երկիւղածութեամբ:

Ընտանիքը հայ ժողովուրդին համար փոքրիկ եկեղեցի է, դպրոց եւ հայրենիք: Իսկ առաքինի կինը պիտի դառնայ առաքինի հայ մայր, որ կարենայ բարոյական ճշմարտութիւններով սնած սերունդ դաստիարակել: Չափանիշներ եւ սահմաններ ճշդել իր զաւակներուն: Հայ առաքինի կինը գիտակից է իր կոչումին, լաւատես ու անկեղծ է, միաժամանակ` իր  անհատականութիւնն ու հեղինակութիւնը պահող:

Հայ կինը ոչ միայն գործերով պէտք է փաստէ իր ներկայութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, նաեւ իր դրական խօսքերով քաջալերէ եւ ուժ տայ իր  շրջապատին: Բնաւ բացասական կեցուածք պէտք չէ ունենայ ան: Հակամէտ պէտք է ըլլայ ուրախառիթ եւ փոքր պատահարները  գոհունակութեամբ  զուարթութեան առիթներու վերածելու` լաւ գիտակցելով, որ միշտ ժխտական եւ բացասական զգացումներ ունենալը կը սպառեն ուժերը, ինչպէս բարկութիւնը, ատելութիւնը, յանցաւորութեան զգացումը, կասկածը, նախանձը, ընկճուածութիւնը, զոհի կարգավիճակով հանդէս գալը: Պէտք է ըլլայ նախաձեռնող եւ լաւատես` թոյլ չտալով , որ բացասական զգացումներ զինք իրենց իշխանութեան տակ առնեն: Արագօրէն պէտք է  վերականգնէ ինքզինք:

Խրիմեան Հայրիկ կ՛ըսէ. «Մի տուն հաստատ կը լինի, եթէ հոն մայրենի կրթութիւն կայ: Ուրեմն կին արմատն էլ պէտք է գիտնայ, հասկնայ աստուածային պատուէրներ, որոնք բովանդակուած են Հին ու Նոր կտակարաններու մէջ: Ինչպէ՞ս կարող է կարդալ, հասկնալ Աստուածաշունչի խօսքը , եթէ փոքր հասակէն սկսեալ ան չսորվի դպրոցին մէջ: Ու յետոյ մեծնալով` նա կրթուած մայր կ՛ըլլայ  եւ կը կրթէ իր զաւակները»:

Առաքինի հայ  կնոջ գինը գոհարներէն շատ աւելի թանկ է:

Գոհարը ճառագայթող դաշտ կ՛ունենայ իր շուրջ, լուսաւոր ոլորտ: Առաքինի կինը  գոհարներու լուսաւոր ոլորտը  ունի, որ մութին եւ դժուարութեան մէջ լոյս կու տայ խաւար շրջապատը լուսաւորելու համար:

Հալէպ

 

 

Միսաք Մեծարենցի «Ծիածան»-ը.- Մահուան 110-ամեակին Առիթով

$
0
0

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ- ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

Գարուն է: Բնութիւնը կը զարթնի: Կը զարթնին նաեւ մարդոց զգացումները` միաձուլուելու համար բնութեան գեղեցկութեան հետ: Գարնան լաւագոյն պաստառը ծիածանն է: Ո՜վ չի հրճուիր ի տես անոր զարթնումին ու գեղեցկութեան, երբ թափթփող անձրեւներէն ետք կու գայ կամրջելու երկինքն ու երկիրը: Գարունը բնութեան մէջ որքա՜ն գեղեցիկ է, նոյնքան եւ տպաւորիչ է, երբ զայն կ’ըմբոշխնես գեղարուեստական բարձրաճաշակ բանաստեղծութիւններու ընդմէջէն: Բնութեան մասին երգած են մեծ թիւով բանաստեղծներ, որոնցմէ (արագ ակնարկով մը) կ’առանձնացնեմ Միսաք Մեծարենցի անունը, որ յայտնի է, առաւելաբար, որպէս բնութեան, սիրոյ, ցաւի եւ երազներու երգիչ: Բնութեան հանդէպ զօրաւոր սէր եւ կապուածութիւն ցուցաբերած բանաստեղծը այնքան մանրամասնօրէն կը մեկնէ գիշերը, արեւը, լուսինը, թուփը, ծաղիկը, որ բնութիւնը կը շնչաւորուի իր գրիչին տակ ու կ’ըլլայ անոր ապրումներուն արտայայտիչը:

Մեծարենցի «Ծիածան»-ը կը կամրջէ բանաստեղծի հոգին ընթերցողին սրտին հետ, եւ անկարելի կ’ըլլայ կարդալ զայն առանց անոր ապրումներուն մասնակիցը դառնալու: Սոյն հատորը լոյս տեսած է 1907-ին, Արամ Անտոնեանի յառաջաբանով, որուն մէջ Անտոնեան յիշատակած է. «Ահաւասիկ պատանի մը, որ իր արփեգնաց էութեան խռովանքն ու ըղձանքները կ’երգէ բուռ մը տաղերու մէջ….. որ ինծի կը թուի, թէ գարնան աղուոր առտու մը արեւին զարթնումին հանդիսատեսը կ’ըլլամ…» (Մ. Մ. բանաստեղծութիւններ», Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1959, էջ 15):

Մեծարենցին համար բնութեան մէջ զինք ներշնչողը ամէն բանէ աւելի իր հայրենի գիւղի գեղեցկութիւնն է: Ան ծնած է 1886-ին, Ակնայ գաւառի Բինկեան գիւղը: Թէեւ պայմաններու բերումով ընդամէնը ինը տարի միայն ծննդավայրին մէջ ապրած է, սակայն ան խորապէս տպաւորուած է անով ու` ներշնչուած: Մեծարենցի` իր քրոջը ամուսնոյն ուղղած  նամակին մէջ կը կարդանք. «Գիւղին տեսարանները իմ մեծագոյն ներշնչարանս կը կազմեն…. Անշիջելի բաղձանքս եղած է վերստին տեսնել ու ապրիլ գիւղիս ծոցը` նորոգուիլ իր տեսարաններուն ու գեղեցկութիւններուն աւիշով…» (Կարինէ Առաքելեան, «Միսաք Մեծարենց», Պէյրութ, 2008, էջ 19):

«Ծիածան»-ին մէջ բնութիւնը գինովնալ ու տխրիլ գիտէ, ինչպէս նաեւ` երազել ու տենչալ:

«Ուռենինե՜ր, լացէ՜ք, լացէ՜ք անդադրում,
Արտասուքնիդ շիթ շիթ հոգիս կ’արծաթէ:

(Ուռենիներու շուքին տակ)

Մեծարենցի «Ծիածան»-ը կարդալով` տպաւորուեցայ բանաստեղծին ստեղծած հակադրութիւններով: Հոն անընդհատ անցում կայ` գիշերէ այգաբաց, խաւարէ լոյս, մթութենէ բացայայտում եւ յուսահատութենէ դէպի կայծկլտուն յոյս:

Ի՞նչ է գիշերը Մեծարենցին համար: Գիշերուան նկարագրութեան մէջ եւս բանաստեղծին հակասական ոճը առկայ է: Գիշերը մերթ սիրային ամէնէն նուրբ զգացումներու արտայայտիչն է, ուր բանաստեղծին «սէրը կը վերածաղկի»` «գիշերն անո՜ւշ է ու հեշտագին», ուստի դիմելով գիշերուան`  բանաստեղծը կը տենչայ. «Համբոյրիդ գիշե՜ր, պատուհանս է բաց, թո՛ղ որ լիառատ ծծեմ` հեշտագին»: Գիշերը մերթ կը կերպարանափոխուի ու կը դառնայ չիրականացած յուշերու մեկնաբան ու տխուր զգացումներով կը համակէ թոքախտաւոր բանաստեղծը: «Անուշ գիշեր»-ը, այժմ, կը վերածուի խաւարի ու ան կրկին «ցաւոտ սիրոյ հարուածը» կ’ապրի, ուր կ’անհետի երազանքը, եւ ան կը դադրի «սէրերու շուրջ թափառելէ»:

«Մթութեան մէջ վհուկի մը պէս թախծադէմ,
Ցաւոտ Սիրոյ հարուածն է, որ կ’իջնէ  կուրծքիս.
Ու տենչանքի ծիրանիէն հրաշէկ հոգիս
Դեռ կ’ընդգրկէ յիշատակներ` զորըս կ’ատեմ…»

(Նոպաներ)

Կ’ուզեմ ընդգծել հոս ատել բայը, որ շատ սակաւաթիւ գործածուող բայ մըն է Մեծարենցին քով, ի դէմս իր բանաստեղծութիւններուն մէջ սէր արտայայտուող բազմատեսակ բառերուն: Ատելութիւնը կը ծնի բանաստեղծին մօտ սիրոյ ծայրայեղ զգացումին որպէս արդիւնք, որովհետեւ ան անհասանելիութենէն կը տառապի: Այնքան կը սիրէ, որ կ’ատէ, որովհետեւ հիւանդ բանաստեղծին համար «հոգին չի կրնար հուր տալ» պիտի ըսէր Մատթէոս Զարիֆեանը այս պարագային: Սէրն ու ատելութիւնը այնքան մօտ զգացումներ են, որ անցումը այդքան ալ դժուար չ’ըլլար բանաստեղծին համար, ու ան կը տատանի մէկ այս մէկ այն զգացումով:

Այնուամենայնիւ, բանաստեղծը վստահ է, որ կու գան իր «անջրածին լուսամէջ» կոյսերը եւ սիրով կը պարուրեն զինք կրկին: Եւ գիշերը այս անգամ սիրոյ սպասումի լաւագոյն արտայայտիչը կը դառնայ. պիտի գան կոյսերը ու յաւէտ պիտի շողշողան տրոփումներովը բանաստեղծի սրտին: Սակայն երկա՜ր սպասումէ ետք, գիշերէն պարտասած բանաստեղծը իր յոյսը կը կապէ «լոյսի բիծեր»-ուն, որոնք պիտի գան իր հոգւոյն խորքը գտնուող «հոլանի ծով»-ը թրթռացնելու: Մեծարենցը կ’անսայ արեւին` ամոքիչ ուժ գտնելով անոր մէջ:

«Զգացում մը բիւրեղէ
Ծիածանի երանգով
Ցաւոտ հոգւոյս մութին քով
Լոյս ակօսներ կը պեղէ»

(Թրթռումներ)

Արեւը ժողովրդական հաւատալիքին մէջ կեանք է: «Արեւիդ մեռնիմ» կ’ըսէ ժողովուրդը: Արեւը խորհրդանիշն է բարութեան, սիրոյ, կենդանութեան, կրակի եւ ուժի: Եւ ահա խորհրդապաշտ բանաստեղծին համար կենսատու արեւը ողորմած է նաեւ, ուստի անձնաւորելով զայն` կը դիմէ անոր.

Հիւա՜նդ եմ, բարի՜արեւ, շողա՜, շողա՜…
Հոգիս թռչնիկ մըն է,
Օդ ու լոյսի, երգ ու ծիծաղի կարօտ…»

(Արեւին)

Եթէ թոքախտաւոր Պետրոս Դուրեան իր բախտը կ’անիծէր մերթ պոռթկումով, մերթ զղջումով, մերթ կարեկցանքի ակնկալիքով, Մեծարենցի պարագային, այդպէս չ’արտայայտուիր ցաւը: Բանաստեղծը իր մխիթարանքը բնութեան մէջ կը փնտռէ` ձգտելով նոյնիսկ անանձնական երջանկութեան:

«Ես կը փնտռե՜մ
Հորիզոնին վրայ նսեմ,
Լոյսի շող մը, զոր կը մարեն անդուլ վարանքն ու կասկած.
Ես կը սպասեմ յորդ ու վճիտ լոյսերուն`
Որոնց բոցը պիտի ցոլայ անծիր ցայգուն մէջ հոգւոյս»:

(Երազի պահեր)

Լոյսը մաքուր է, նո՛ր սկիզբ ու փրկութիւն, ժողովուրդը կը հաւատայ անոր պարգեւած խաղաղութեան. թող «Լոյս իջնէ շիրիմին» կ’ըսեն` ննջեցեալ հոգիներուն խաղաղութեան համար իրենց արտասանած աղօթքին մէջ: Ու խաղաղութիւն խորհրդանշող այս լոյսը ապահովութիւն կը պարգեւէ նաեւ «արեւին բոցը ըմպող» բանաստեղծին:

Մեծարենցի այս տողերը թեւեր կու տան հոգւոյս, ու Նիկողոս Սարաֆեանի խօսքով` «յուսահատութիւնս կ’աճի մինչեւ յոյս եւ հպարտութիւն», որովհետեւ հոգւոյն գարունը մարել չուզող բանաստեղծը տեսնել կու տայ մեզի մեր շուրջի գեղեցկութիւնները, որպէսզի վայելենք զանոնք ու մեր սպասման երկարաձիգ ճիգին մէջ ծիածանենք մեր հոգիները ակնթարթի երջանկութեամբ:

 

 

 

2016թ. Յեղաշրջման Փորձից Յետոյ Թուրքիայի Իշխանութիւնների Վարած Քաղաքականութիւնը Համշէնահայութեան Նկատմամբ

$
0
0

ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ

2016թ. յուլիսի 15-ին Թուրքիայում կատարուած ռազմական յեղաշրջման փորձից յետոյ այստեղ կտրուկ աւելացել են անխտիր բոլոր ընդդիմադիրների նկատմամբ հետապնդումներն ու հալածանքները: Գլխաւոր թիրախում են յայտնուել յատկապէս կիւլենականները, երկրի ձախակողմեան զանգուածը, քրտական Ժողովուրդների ժողովրդական կուսակցութեան (Halklarin Demokratik Partisi/HDP) ներկայացուցիչները եւ այլք: Նոյն տարուայ յուլիսի վերջին յայտարարուած եւ մինչ օրս շարունակուող արտակարգ դրութիւնը լայն հնարաւորութիւններ է ընձեռել Թուրքիայի ներկայիս իշխանութիւններին` իւրաքանչիւր ընդդիմադիր ձայն արագ կերպով եւ արդիւնաւէտ միջոցներով լռեցնելու առումով:

Արտակարգ դրութեան պատճառով ի յայտ եկած պայմաններում աւելի է բարդացել Թուրքիայի փոքրամասնութիւնների վիճակը: Տիգրանակերտում բնակուող սասունահայ Կարօտ Սասունեանի դիպուկ բնորոշմամբ` «Ծայրայեղ ազգայնամոլներն ու ծայրայեղ կրօնապաշտները ստանձնեցին երկրի կառավարումը: «Գորշ գայլերն» ու «բորենիները» խիստ ազգայնամոլական եւ անգութ ճակատ կազմաւորեցին, որն այսօր լիովին իր ձեռքն է վերցրել Թուրքիայի կառավարումը»:

Այս վիճակի պատճառով Թուրքիայում առաջացած վախի մթնոլորտում, բնականաբար, իրենց առաւել անապահով են զգում յատկապէս փոքրամասնութիւնների ներկայացուցիչները: Սոյն դրութիւնը բացասական հետեւանքներ թողեց նաեւ վերջին տարիներին ինքնակազմակերպուել փորձող եւ միութիւններ ստեղծած արեւմտահայերի, մասնաւորապէս` համշէնահայերի շրջանում:

Թէեւ 2011թ. Պոլսում հիմնուած համշէնահայերի ՀԱՏԻԿ միութեան ղեկավարները մինչ այդ էլ խուսափում էին համշէնահայերի հայկական արմատների մասին շեշտադրումներից, իսկ որոշ անդամներ նոյնիսկ չէին էլ ընդունում իրենց հայկական ծագումը, սակայն այս դէպքերից յետոյ նրանց որոշ ներկայացուցիչներ է՛լ աւելի զգուշաւոր են դարձել: Բնականաբար այդ զգուշաւորութեան հիմնական պատճառը թուրքական իշխանութիւնների հրահրմամբ համշէնական ՀԱՏԻԿ միութեան դէմ հանդէս եկող ազգայնամոլների սպառնալիքներն են:

Ինչպէս այս տարի իր ֆէյսպուքեան էջում յայտնում էր ՀԱՏԻԿ-ի ներկայիս նախագահ եւ «Վովա» երաժշտական խմբի անդամ Հիքմեթ Աքչիչեքը, սոյն միութիւնը եւ վերջինիս որոշ անդամներ ընկերային ցանցերում ենթարկւում են ցեղապաշտ, ֆաշիստ եւ հալածախտով տառապող որոշ անձանց ու շրջանակների զրպարտանքներին, վարկաբեկմանը եւ թիրախաւորմանը:

Ուշագրաւ է, որ այս տարի նման սպառնալիքների թիրախ է դարձել նաեւ Համշէնցիներին ծառայող հիմնադրամը (Hemsinliler Hizmet Vakfi), վերջինիս ղեկավար Նեճմեթին Այտընը եւ քարտուղար Մեհմեթ Ալթունքայեան: Ի դէպ, նշենք, որ ՀԱՏԻԿ միութեան նախկին նախագահը եղած Մեհմեթ Ալթունքայեան այնքան էր ազդուել այդ սպառնալիքներից, որ անգամ հարկադրուած եղաւ ինձ ու Հայաստանից եւ սփիւռքից իր այլ ծանօթների հեռացնել ֆէյսպուքեան ընկերների շարքից: Իսկ համշէնցիներին ծառայող հիմնադրամի նախագահ Նեճմեթին Այտընը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` մասնաւորապէս նշելով հետեւեալը. «Մեր թանկագին անդամներ ու համակիրներ, մեր կառոյցի հիմնադիր անդամները հանդիսացող` մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերի պատասխանատու Շերիֆ Սարըն եւ մեր հիմնադրամի քարտուղար Մեհմեթ Ալթունքայեան ընկերային ցանցերում հանդիպում են զանազան կեղծ անուններով հանդէս եկող որոշ անձանց աներեւակայելի մեղադրանքներին: Մեր հիմնադրամի շրջանակներում, ինչպէս նաեւ նախկինում ընկերային եւ մշակութային գործունէութեամբ հանդէս եկած մեր ընկերները միշտ թափանցիկ են աշխատել: Մենք մեր հիմնադրամի շրջանակներում պատասխանատուութիւն ստանձնելով եւ հասարակական գործունէութիւն ծաւալելով` մեր մասնաւոր գործերից եւ ընտանիքից խլուած ժամանակը ծախսում ենք Թուրքիայի տարբեր շրջաններում բնակուող համշէնցիներին նիւթական եւ հոգեկան աջակցութիւն ցուցաբերելու համար` մեր հիմնադրամի կանոնադրութեան համաձայն: Սակայն ժամանակ առ ժամանակ մեր ընկերները եւ հիմնադրամը հանդիպում են որոշ անձանց անհիմն, իրականութիւնից հեռու եւ յետին մտքով արուող մեղադրանքներին, բայց վերջիններս ոչ մի կերպ չեն կարող արգելք հանդիսանալ համշէնցիներին ծառայող հիմնադրամի կանոնադրութեան շրջանակներում մեր ծաւալած գործունէութեանը: Մեր` որպէս Համշէնցիներին ծառայող հիմնադրամի ղեկավար խորհրդի անդամների աշխատելու սկզբունքը հիմնուած է Թուրքիայի Հանրապետութեան համապատասխան ատեաններով հաստատուած մեր հիմնադրամի կանոնադրութեան վրայ: Այդ կապակցութեամբ վերջին անգամ ենք յայտնում, որ մեր ղեկավար խորհրդի համաձայնութեամբ կազմաւորուած Համշէնցիներին ծառայող հիմնադրամի բոլոր անդամները, մեր երկրի օրէնքների շրջանակներում, շարունակելու են համշէնական հասարակութեանը ծառայելուն ուղղուած իրենց գործունէութիւնը»:

Թէեւ Թուրքիայի համշէնահայերի ինքնութեան ու մշակոյթի պահպանմանն ուղղուած այս միութիւնների գործունէութեան դէմ հիմնականում հանդէս են գալիս կեղծ դիմանկարների տակ ծպտուած իբր թէ հասարակ անձինք, սակայն, կարծում ենք, միամտութիւն կը լինի մտածել, թէ   նրանք, ինչպէս նաեւ, օրինակ, ASIMDER-ի պէս կառոյցները չեն ուղղորդւում թուրքական իշխանութիւնների կողմից:

Հարկ է նշել, որ յատկապէս այս տարի Թուրքիայի համշէնահայերի դէմ ուղղուած յայտարարութիւններով յաճախ է հանդէս եկել ազրպէյճանցիներով հոծ բնակեցուած Իգդիրում 2002թ. հիմնուած ASIMDER կազմակերպութիւնը` «Հայերի անհիմն պնդումների դէմ պայքարի միութիւն»-ը: Սոյն կազմակերպութիւնը միշտ է յայտնի եղել իր հակահայկական յայտարարութիւններով ու գործունէութեամբ: Սակայն, յատկապէս այս տարուայ վերջին ամիսներին նրա հիմնական թիրախներից են դարձել Թուրքիայի ծպտեալ եւ իսլամացուած հայերը, այդ թւում` համշէնահայերը:

Այսպէս, օրինակ, այս տարի ASIMDER-ի ներկայիս նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյը հանդէս էր եկել հերթական յերիւրանքով, համաձայն որի` «Թուրքական բանակում ծառայող որոշ հրամանատարներ, ովքեր հարում են կիւլենական հոսանքին, հնարաւոր է` ծպտեալ հայեր լինեն»:

Սոյն կազմակերպութիւնը, յատկապէս այս տարի, յաճախ է անդրադարձել նաեւ Թուրքիայի համշէնահայութեան հիմնախնդրին: Այսպէս, օրինակ, 2017թ. փետրուարին Կէօքսել Կիւլպէյը յայտարարել է, թէ Թուրքիայի սեւծովեան շրջանում Հայաստանի հայերը գաղտնի ծրագրեր են մշակում: Նրա խօսքով, հայերն ուսումնասիրութիւններ են կատարում համշէնցիների բնակավայրերում եւ ձգտում տեղի բնակչութեանը համոզել, որ նրանք հայկական ծագում ունեն: ASIMDER-ի նախագահի համաձայն, հայերը գաղտնի աշխատանքների միջոցով փորձում են հողային պահանջ ունենալ Թուրքիայի սեւծովեան շրջանից:

Եթէ այս տարուայ փետրուարին ԿԷօքսել Կիւլպէյն այդ թեմային անդրադառնալիս ընդհանրացնելով «Հայաստան» էր ասում, ապա սեպտեմբերին մասնաւորեցնելով նշեց, թէ այդ աշխատանքների հետեւում կանգնած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը: «Տողան» լրատուական գործակալութեան եւ «Հիւրրիէթ» օրաթերթի փոխանցմամբ, Կէօքսել Կիւլպէյը յայտարարել է, թէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ հայկական լոպիիստական կազմակերպութիւնների կողմից հովանաւորուող որոշ կառոյցներ ու գիտնականներ, Թուրքիայի սեւծովեան շրջանում ապրող համշէնցիներին օգտագործելով ու պնդելով, թէ այս տարածքում կիրառուող համշէներէնը հայերէնի մի բարբառն է, հանդէս են գալու նախ` մայրենի լեզուով կրթութեան, ապա` հողային պահանջով: ASIMDER-ի նախագահը նաեւ ենթադրել է, թէ հայկական լոպիիստական կազմակերպութիւնները, որոնց կեդրոնը գտնւում է Եւրոպայում, Թուրքիայի սեւծովեան շրջանի համշէնցիներին հարկադրելու են «համշէնական սփիւռք» ստեղծել իրենց եւրոպաբնակ ազգականներից. «Հայկական լոպիին ձգտում է եւրոպաբնակ համշէնցիներից «համշէնական սփիւռք» ձեւաւորել, որը կը պաշտպանի նրանց վերադարձն այդ հողեր, կարծես թէ նրանց բռնի կերպով են այդտեղից աքսորել: Այդ փորձերի հետ մէկտեղ, սոյն տարածքում գործունէութեան դաշտ որոնող ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնն իր աջակցութեամբ գործող որոշ կազմակերպութիւնների միջոցով ընկած է կողմնակիցներ հաւաքելու յետեւից, ովքեր Ռիզէի եւ Արդուինի նահանգներում քննարկումներ եւ ասուլիսներ կը կազմակերպեն` համշէնցիների հայ լինելու եւ համշէներէնի` իրականում հայերէն լինելու թեմաներով: Նմանատիպ աշխատանքների եւ տարածուող հանդէսների միջոցով նպատակ ունեն մայրենի լեզուի հարցին անդրադառնալով` նոր գիտակցութիւն ձեւաւորել: Շուտով հայկական լոպիիստական կազմակերպութիւնների հետ համագործակցող որոշ քաղաքացիական-հասարակական կազմակերպութիւններ համշէնցիների անունից հանդէս կը գան պաշտօնական դիմումով` առ այն, որ համշէնցիների բնակավայրերի դպրոցներում թոյլ տրուի համշէներէնի ուսուցումը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս` քրտերէնի դէպքում»:

Բնականաբար, թուրք ազգայնամոլների` յատկապէս համշէնահայերի թեմայի վրայ կեդրոնանալու այս միտումը պայմանաւորուած է համշէնահայերի բնակավայրերի աշխարհագրական դիրքով. ինչպէս յայտնի է, բուն Համշէնն ընդգրկող ներկայիս Ռիզէ նահանգը եւ հայախօս համշէնահայերով հոծ բնակեցուած Արդուին նահանգը, գտնուելով Սեւ ծովի ափին եւ ներառուած լինելով Սեւրի դաշնագրով եւ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճռով նախատեսուած սահմաններում, աւելի մեծ մտահոգութիւն են պատճառում թուրքերին:

Թուրքական իշխանութիւններն, օգտուելով ներկայում յայտարարուած արտակարգ դրութեան վարչաձեւ պայմաններից, փորձում են նաեւ լռեցնել իրենց աշխուժ ընկերային գործունէութեամբ հանդէս եկող համշէնահայ որոշ մտաւորականների: Դրա վառ օրինակն էր յատկապէս այս տարուայ հոկտեմբերին Արդուինում ձերբակալուած համշէնահայ մտաւորական Ճեմիլ Աքսուն: Նրանից 2 օր առաջ կալանաւորուել էր նաեւ նրա կինը` Նուրճան Վայիչը: Աքսու ամուսինները յայտնի են իրենց ընդդիմադիր կեցուածքով: Ի դէպ, Ճեմիլ Աքսուն, դեռ նախքան ամուսնանալը, 8-9 տարի բանտարկուել էր իր ձախակողմեան հայեացքների պատճառով: Թուրքական իշխանութիւնները Ճեմիլ Աքսուի եւ Նուրճան Վայիչի դէմ դատական գործ յարուցելու «հիմնաւորում» են ներկայացնում ընկերային ցանցերում նրանց հրապարակումները: Թէեւ նրանց բաւականին երկար բանտում պահելուց յետոյ վերջերս ազատ արձակեցին` մինչեւ դատավարութեան սկիզբ, բայց եւ այնպէս նրանց երկուսին էլ շարունակում է սպառնալ ազատազրկման վտանգը: Նշենք, որ նաեւ համշէնական «Գոր» ամսագրի խմբագիրներից մէկը եղող Ճեմիլ Աքսուն միաժամանակ Ժողովուրդների ժողովրդավարական կուսակցութեան` Խոփա գաւառի ղեկավարն է: Աքսու ամուսինների ձերբակալութեան պատճառով լրիւ միայնակ էր մնացել նրանց 8-ամեայ որդին` Արեւը: Ի դէպ, Ճեմիլ Աքսուն գրեթէ միակ համշէնահայն է Արդուինում, ով համարձակուել է հայկական անուն տալ իր զաւակին: Աքսուների ճակատագիրն առայժմ անյայտ է. նրանք սպասում են դատավարութեանը: Սակայն ակնյայտ է, որ թուրքական իշխանութիւնները ներկայում փորձում են լռեցնել Համշէնի լեռներից հնչող այդ խիզախ մտաւորականի ձայնը: Հետաքրքիր է, որ ժամանակաւորապէս ազատ արձակուելուց յետոյ անգամ Ճեմիլը չի խուսափում իր կարծիքն ազատօրէն արտայայտելուց եւ շարունակում է աշխուժ կերպով գրառումներ անել իր ընկերային էջում:

Եւ ինչպէս Ճեմիլի կալանաւորման կապակցութեամբ իր հեղինակած յօդուածում նշում է մէկ այլ համշէնահայ մտաւորական` իր դստերը դարձեալ հայկական անունով կոչած պոլսաբնակ Մահիր Օզքանը, հայկական անուններ կրող դստեր` Լուսինի եւ Ճեմիլի որդու` Արեւի առկայութեան դէպքում խաւարը նրանց չի սպառնում:

«ԱԿՈՒՆՔ»

Viewing all 12090 articles
Browse latest View live