Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12094 articles
Browse latest View live

Կրկին Կոմիտասի Եւ Ամերիկացի Իմաստունի Մը Հետ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Կան պահեր, կան խօսքեր, որոնք անջնջելի տպաւորութիւն կը թողուն: Անոնք յանկարծ յիշողութեան կամարներուն տակէն կը վերյայտնուին, կ’ողողեն հոգիները, որպէսզի իրենց իւրայատկութեամբ հայելի ըլլան մեր խիղճին եւ գիտակցութեան առջեւ:

«Մեր»-ը ոչ միայն անհատ, այլ նաեւ եւ մանաւանդ` հաւաքականութիւն:

Այդ խօսքերը հոգեկանը ըմբռնելու եւ լուսաւորելու կը ծառայեն, այնպէս` ինչպէս այդ տեղի կ’ունենայ հոգեբան-հոգեվերլուծողի դարմանատան մէջ, երբ կը թելադրուի բանալ, լոյս աշխարհ բերել ներաշխարհի թաքուն շերտերը: Բայց մարդ ինք պէտք է ուզէ բանալ եւ տեսնել իր հոգիի շերտերը, որոնք մեր եսասիրութեան եւ փառասիրութեան իսկ կողմէ  քարացած, ամրացած,ոսկրացած եւ կարծրացած պատեաններու ետին  թաքնուած կ’ըլլան, գաղտնիացած, անխոստովանելի:  Այդ խօսքերը եթէ երբեմն կարելի ըլլար փսփսալ մեծերու եւ համեստներու ականջին, հասարակութիւնը իր կեղծիքի շապիկը կը հանէր, մակերեսայինի ստապատիր քաղաքակրթութիւնը կը մարդկայնանար:

Կը դադրէինք մենք մեզ մեզմէ դուրս բանտարկելու մեր անգիտակցուած տխրութենէն, մեր ժամանակի մեծագոյն ախտէն:

Երկու դար առաջ ծնած ամերիկացի իմաստուն մը` Հենրի Տէյվիտ Թորօ (1817-1862), իր «Վալտէն կամ կեանքը անտառներուն մէջ» գիրքի քանի մը տողերով ինչե՜ր կ’ըսէ մեր անմիջական ներկային մասին, հաւանօրէն` ուրուագծուող վաղուան մասին նաեւ.

Պերճանքի սովորութիւններու մեծ մասը, եւ մէկ մասը այն բոլորին, զորս կը կոչենք կեանքի պայմաններու հանգստաւէտութիւն, ոչ միայն բացարձակապէս անհրաժեշտ չեն, այլ նոյնիսկ արգելք` մարդկութեան բաձրացման:

Ասկէ առաջ անդրադարձած եմ այս ինքնատիպ եւ գրեթէ չյիշուող մտածողի իմաստութեան: Այս պարզ խօսքերը եթէ մենք մեզի կրկնէինք, առանց վախնալու, թէ ի՛նչ պիտի ըսեն կամ մտածեն ուրիշները, ինչպիսի ճնշումներէ կ’ազատէինք:

Անբնական չէ` հայկական ընկերութիւններն ալ բռնուած են յիշուած «պերճանքի սովորութիւններու» մէջ` երեւութապէս գեղեցիկը փնտռելով, կամ այդ կոչելով «կեանքի պայմաններու հանգստաւէտութիւն», ժողովրդական բառերով ծանօթ` «Ուր հաց հոն կաց»-ը, որ ազգի ներկայ կացութեան մէջ աւեր կը գործէ: Գեղեցիկը ինչպէ՞ս կրկնութիւն կ’ըլլայ, standard, նոյն քիթերը, նոյն շրթները, միշտ աւելի տպաւորիչ հագուստները եւ ինքնաշարժները, որոնք մրցակցութեան եւ երեւելիապաշտութեան սրբապատկերներ կը դառնան (icone):

Նոր սրբապատկեր են ձեռքի վրայ ցուցադրուող եւ Աստուածաշունչ մատեանի պէս ցուցադրուող  գերարդիական, բայց յաճախ փոխուող հեռաձայնի սարքերը, որոնք շրջուն գրասենեակներ են, աշխատանոցներ, որոնք պատեր կը հիւսեն մարդոց միջեւ: Ճաշարան, ինքնաշարժ, հանրակառք, փողոց, տուն` կը նմանին արհեստական թոքի, եթէ զանոնք վերցնենք, մարդոց կեանքի իմաստը յանկարծ կրնայ կորսուիլ: Մեծ երկիր, փոքր երկիր, հարուստ երկիր, աղքատ երկիր` այդ սարքերով գաղութացուած են, անոնք, որոնք չեն ենթարկուիր այդ ներխուժման, կը համարուին տգէտ, ժամանակավրէպ: Օգտակար գիւտը նպատակէն շեղելով` գաղութացուցած է մարդիկը, առանց տարիքի խտրութեան:

«Պերճանքի սովորութիւններու»-ն մաս կը կազմեն նաեւ մեր մեծ կամ փոքր փառասիրութիւնները: Կրկին պէտք է կարդալ, ի հարկին` բեմերէն եւ խորաններէն, մեր այնքա՜ն սիրած, բայց չճանչցած Կոմիտասը: Երբեմն կը խորհիմ, որ իր բիւրեղեայ երգի եւ երաժշտութեան որոնումը փախուստ մը չէ՞ր իր շրջապատէն, այսինքն` մրցակցական, փառասիրական, ընչաքաղցական մթնոլորտէն, որ կար երէկ, կայ այսօր եւ թերեւս վաղն ալ պիտի ըլլայ: Երեւակայեցի պահ մը, որ եթէ Հենրի Տէյվիտ Թորօ եւ Կոմիտաս այսօր իրարու հանդիպէին, սպառողական ընկերութեան, պերճանքի անյագուրդ սովորութիւններու եւ տեւաբար աճող կեանքի հանգստաւէտ պայմաններու երազին եւ գինովութեան թատերաբեմ ժամանակակից աշխարհին մէջ, ինչե՜ր կրնային ըսել իրարու` ի տես անկարեւոր կարեւորութիւններու դատարկ ինքնահաստատման:

Կոմիտաս խօսած է: Լսող եղա՞ծ է, լսող կա՞յ: Յաճախ պէտք է կարդալ այս տողերը, կրկնել:

Հօտն անհովիւ` մոլոր ու շփոթ, աներեւոյթ եւ անզուսպ ալիքներ յախուռն կը յուզեն ի խորս մեր հալածական եւ ողբալի կենաց  ծովու: Անմիտ որսորդներ բոլորած` միամիտ ձկներ ցանցած: Մթնոլորտը թոյն կը տեղայ, բուժիչ ուժ չկայ: Աւերած, սարսափ ու սանձարձակ կեղեքում մէկ կողմէն, անտարբերութիւն ու ցեխոտ սրտեր միւս կողմէն: Փառասիրութիւն, փութկոտութիւն մէկ երեսէն, ապիկարութիւն, տգիտութիւն միւս երեսէն: Իւրաքանչիւր ոք իր պաշտօնն զգեցած է իբր հանդերձ, զոր մերկութիւնն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց: Մեր մարմինը նեխած է, մեր հոգին ապականած, մեր կեանքը դիակնացած… Ո՞ւր է մեր խոհական Խորենացին, թող ելլէ արիւնաքամ հողու տակէն եւ ողբայ մեր խակերու սիրտն ու հոգին, միտքն ու գործը: Մեր նախնիք իրենց պաշտօնին փարած էին անձնահեղութեամբ, իսկ մենք կը յափշտակենք գործն ընչաքաղցութեամբ: Սիրտս փլած է…

Եթէ տող առ տող, բառ առ բառ կարդայինք Կոմիտասի խօսքերը, մեր եսին հետ առանձին…

Սերունդ դատիարակողները, հանրային կարծիք լուսաբանողները, ազգի փայլուն ապագայի հեռանկարով ազգ առաջնորդողները, հոգեկան սնունդ տալու պարտականութիւն ունեցողները եթէ իրենք զիրենք Պղատոնի catharsis-ին ենթարկէին` աշակերտելով Հենրի Տէյվիտ Թորոյի եւ Կոմիտասի, բանակներու պէտք պիտի չըլլար այնքան երազուած անհաւասարութիւններու վերացման համար, արդարութիւնը իր հունը պիտի գտնէր:

«Հօտն անհովիւ` մոլոր ու շփոթ, աներեւոյթ եւ անզուսպ ալիքներ յախուռն կը յուզեն ի խորս մեր հալածական եւ ողբալի կենաց  ծովու»:

Կոմիտաս խօսած է` իր շրջապատի հայկական կեանքը եւ բարքերը նկատի ունենալով: Բայց ինչ որ կ’ըսէ, կը վերաբերի համայն մարդկութեան: Մարդկայնութեան (humanisme) եւ պարզութեան բացակայութիւնը կեանքի ծովը կը դարձնէ ողբալի, որովհետեւ ոչ անհրաժեշտ պահանջներով խճողուած ենք, յաճախ գերի, սկսելով մեր մաշկի կտածումէն, մինչեւ մեր հագուստներու արտառոցութիւնները. ֆրանսացի հրապարակագիրը օր մը գրած էր եւ ըսած էր` muflerie vestimentaire, եւ բարձրանալով ընկերային խաւի մէջ, մեր ադամանդները, աչք ծակող գոհարեղէնները, սնապարծութեան աղբիւր` միշտ աւելի ընդարձակ բնակարանի ցանկութիւնը, պերճանքի սեղանները:

«Աւերած, սարսափ ու սանձարձակ կեղեքում մէկ կողմէն, անտարբերութիւն ու ցեխոտ սրտեր միւս կողմէն»:

Կեղեքումը այսօր շպարուած է: Աշխատանքը կազմակերպող եւ պաշտպանող օրէնքներ կան քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ, ուր կեղեքումը կը յայտնաբերուի, երբ կը տրուին անաշխատ շահերու գումարներու հաշիւները: Այս պատկերին կ’ընկերանայ անտարբերութիւնը այլոց ցաւին ու կարիքին դիմաց, անտարբերութիւն, որ փառքի եւ սնապարծութեան ենթահող է:

Կոմիտաս կը խօսի իր ժամանակի եւ շրջապատի մասին: Բայց երբ կ’ըսէ` «Փառասիրութիւն, փութկոտութիւն մէկ երեսէն, ապիկարութիւն, տգիտութիւն միւս երեսէն: Իւրաքանչիւր ոք իր պաշտօնն զգեցած է իբր հանդերձ, զոր մերկութիւնն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց», կրնա՞նք առանց չարանալու չմտածել հայ կեանքի մասին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Ահաւոր է դատումը, երբ կ’ըսէ` «Իւրաքանչիւր ոք իր պաշտօնն զգեցած է իբր հանդերձ, զոր մերկութիւնն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց»: Ամէն անգամ որ այս երկու տողերը կը կարդամ, աչքիս առջեւէն վաւերագրական ժապաւէնի պէս կ’անցնի մեր ընկերութիւնը, ուր «մերկութիւն մտաց»-ը «միամիտ աչաց» տեսողութենէն կը թաքցուի փողով, թմբուկով, բարձրախօսներու աղմուկով, մեծագումար նուիրատուութիւններով եւ մարմարով, շքանշաններով, առաջին կարգի բազկաթոռներով:

Եւ այս բոլորին խորքի պատկերը, մեծերուն եւ պզտիկներուն, համհարզներուն, Կոմիտասի ըսած «ընչաքաղցութիւն»-ն է, դիրքի չարաշահումը կամ ստրուկին տրուած փշրանքը, եւ բոլորը կը կազմեն շղթայ, նաեւ` քաղաքական կեանքի մէջ, երբ մեծեր եւ պզտիկներ կը տրուին «Բաժնէ՛, որ տիրես» հին խաղին:

Կոմիտաս իր դառնութեան անբուժելի ախտերու հետեւանք վկայութիւնը կտակած է:

Ամերիկացի Հենրի Տէյվիտ Թորօ իմաստունը ցոյց տուած է ելքի ճամբան, բուժման դարմանը, երբ կ’ըսէ, եւ կրկնենք.  «Պերճանքի սովորութիւններու մեծ մասը, եւ մէկ մասը այն բոլորին, զորս կը կոչենք կեանքի պայմաններու հանգստաւէտութիւն, ոչ միայն բացարձակապէս անհրաժեշտ չեն, այլ նոյնիսկ արգելք` մարդկութեան բաձրացման»:

Ինքզինքիս երբեմն հարց կու տամ, որ մարդկութիւնը ընդհանրապէս, բայց զիս հետաքրքրող մեր «մինուճար» ազգը մասնաւորապէս` այնքա՞ն բթացած է, որ սրբազան ըմբոստութեամբ մը, չ’ընդգրկուիր «մարդկութեան բարձրացման» հոսանքին մէջ, անհատաբար եւ հաւաքաբար:

Ինչպէ՞ս ըսել եւ լսուիլ:

Ինչպէ՞ս «միամիտ աչաց»-ը բանալ, որպէսզի «մերկութիւնն մտաց»-ի վրայէն վերցուի կեղծիքի քողը:

Որպէսզի այլեւս չըսենք, որ` «Մեր մարմինը նեխած է, մեր հոգին ապականած, մեր կեանքը` դիակնացած»:

Կոմիտաս խօսած է, ամերիկացի իմաստունը ճամբացոյց եղած է: Մի՞թէ ժամանակակիցներս կոյր եւ խուլ խլուրդ ենք:

Ի՞նչ ընել` իրականացնելու համար ամերիկացի իմաստունի «մարդկութեան բաձրացման» երազը, իսկ մենք դարմանենք մեր սիրած Կոմիտասի ցաւը, որ ցաւ է նաեւ այսօր:

Կրնա՞նք կրկնել եւ իւրացնել ամերիկացի իմաստունին եւ մեր Կոմիտասի խօսքերը, անոնց աչքերով տեսնել, դատել եւ կողմնորոշուիլ: Այդ կ’ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրիս անդիմակ յեղափոխութիւնը` աւելի լաւ օրերու ճանապարհին:

14 սեպտեմբեր 2017, Երեւան

 


«Գիրքերու Հետ» Գրախօսականներ (Ա. Հատոր) Հեղինակ` Պօղոս Սնապեան

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  

Պարոնին հետ ըլլալու, կարօտի զգացումը յագեցնելու եւ վերաթարմանալու  առիթ մը ընծայուեցաւ մեզի վերջերս, երբ մեր սեղանին վրայ իր ներկայութիւնը յիշեցնող ու հաստատող վերոնշեալ հատորը մէկ շունչով ընթերցեցինք:

Ի դէպ, Պօղոս Սնապեան «Պարոն» մակդիրը վաստկած էր իր աշակերտներէն, իբրեւ վկայութիւն անոր հարազատի, բարեկամի, ընկերականի եւ անմիջականի յորդ յոյզերուն եւ արժանիքներուն: Այլ խօսքով` անիկա բնորոշիչ յատկութիւն մըն էր տրուած անոր` իբրեւ փոխադարձ սիրոյ, յարգանքի եւ վստահութեան ընկալում:

Այլ ասած, Պօղոս Սնապեան իր մէջ խտացուցած ուսուցիչի ու դաստիարակի տիպարին առընթեր, ան հայ գրականութեան ու մայրենիին նրբահիւս երանգները սիրցնողի եւ ուսուցողի «Պարոն»-ն էր, այլապէս Յ. Օշականի, Կ. Սասունիի եւ Ա. Ծառուկեանի գրականագիտական ուսմունքին  հաւատարիմ ժառանգորդը:

Հատորը գեղատիպ է, ինչպէս միշտ, որուն բովանդակութեան, ընդգրկած նիւթերուն, արծարծած հարցերուն եւ ընդհանուր մթնոլորտին ծանօթանալէն ետք, ընթերցողը հաճոյքով եւ գրական-գեղարուեստական վայելք մը ապրածի գոհունակութեամբ հրաժեշտ կու տայ գիրքին, բայց ոչ` բովանդակութեան:

Որովհետեւ բովանդակութենէն բխող միտքերն ու տեսակէտները ուղղակի իրենց ազդեցութեան տակ կը պահեն ընթերցողը, յաւելեալ մտածումի կը մղեն եւ վերջապէս կ՛առինքնեն ու կը դաստիարակեն, կ՛ըլլան ուղենիշ ինքնազարգացման:

Պիտի ըսուի, որ արդեօք գրախօսականնե՞րն ալ պէտք է նկատել իբրեւ գրական-գեղարուեստական շունչ պարփակող էջեր, որոնք ամփոփուած են գիրքի մը ծածկին տակ եւ հրամցուած հայ ընթերցողին: Նման հարցադրումի մը մեր պատասխանը միանշանակ մէկ բառ է, ԱՅՈ:

Փաստօրէն, Պօղոս Սնապեանի գրիչին ու գրականագիտական հայեացքներուն պատկանող իւրաքանչիւր էջ թէ հատոր կ՛ընդգրկէ լեզուական գրաւչութիւն եւ հմայք, ոճային յատկութիւնն ու որակ, որ ուսուցողի իր թելադրականութեամբ` նաեւ գրական ճաշակ, շունչ ու հրապոյր կը փոխանցէ:

Իրօք, երեք գոյականներ (ճաշակ, շունչ, հրապոյր), որոնց հանդէպ գրագէտ Պօղոս Սնապեան այնպիսի ակնածանք եւ լրջութիւն ցոյց տուած է, որ ցմահ եղած է անոնց պահապանն ու քարոզիչը: Մէկ խօսքով,  անոր ծայրայեղ ու խստապահանջ  մօտեցումը` պանծացման գագաթին տեսնելու հայ գրականութիւնը, յաճախ զինք մատնած են նեղ կացութիւններու եւ մղած, որ դիմակայէ անախորժ դիպաշարեր:

Այդուհանդերձ, գրական աշխարհի յաղթերգը իր ուսերուն, գրաքննադատ ու գրող Պօղոս Սնապեան` հաւատարիմ իր կոչումին եւ անյեղլի սկզբունքներուն, շարունակեց արարել ու լոյսին բերել բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ պատկառելի հատորներ, «Բագին» ամսագիր հրատարակել, ուսուցել եւ գրականութեամբ ապրիլ:

Փակագիծ մը:

Երեւի թէ ամէն պատեհ առիթի ու քայլափոխի պիտի յիշենք ու յիշեցնենք, որ Պօղոս Սնապեան իրերայաջորդ քառասուն տարիներ «Բագին» գրական ու արուեստի գոհարը հրատարակեց, խմբագրեց, անկրկնելի բացառիկ թիւեր լոյսին բերաւ, երէց, միջին թէ նորընծայ գրողներու թեւ ու թիկունք հանդիսացաւ, ուղղութիւն տուաւ, շունչ ներարկեց, զանոնք դէպի գրական բարձունքներ առաջնորդեց, առանձինն տոկաց հոսանքն ի վեր, շատ անգամ մտրակեց կեղծ, ստապատիր ու ինքնակոչ գրչակները, եղաւ ինքնուրոյն, մի՛շտ պատուախնդիր, եղաւ հարազատ, մի՛շտ հաւատարիմ, բայց մանաւանդ` եղաւ այն խմբագիրը, որ իր ժամանակի «Բագին»-ը հասցուց այնպիսի կատարներու, որոնց նուաճումը գրեթէ անկարելի է իրմէ ետք:

Խոստովանիլ է պէտք, որ Պօղոս Սնապեան երեւոյթը իր անխորտակելի «Բագին»-ով, սփիւռքահայ գրական կեանքի հարիւրամեայ պատմութան մէջ թողեց վեհափառ ժառանգ մը, որ պիտի մնայ իւրայատուկ եւ անգերազանցելի:

Արդ,

Հատորը կ՛ընդգրկէ թիւով 24 գրախօսականներ: Հեղինակը ներկայացուցած է 17 հեղինակներու երկեր, որոնք հայ գրականութեան գոհարներէն կը համարուին:

Գիրքին մէջ տողանցող պատկառելի հոյլին մաս կը կազմեն Համաստեղ, Նշան Պէշիկթաշլեան, Արամ Հայկազ, Կարօ Սասունի, Մատթէոս Զարիֆեան, Մուշեղ Իշխան, Վահրամ Մավեան, Ա. Շիրակեան, Կարօ Փօլատեան, Ս. Վրացեան, Յակոբ Օշական եւ ուրիշներ:

Գրախօսականները կը պատկանին տարբեր թուականներու (1954-1974), որոնք լոյս տեսած են «Նայիրի» շաբաթաթերթի, «Միջնաբերդ» գրական տարեգիրքի եւ «Բագին» ամսագիրի զանազան թիւերուն մէջ:

Եւ ահա, զարմանալի մտածում մը ինքզինք կը պարտադրէ, այն առումով, որ, հակառակ հինգ կամ վեց տասնամեակի հեռաւորութեան, սնապեանական գրիչի դրոշմը պահած է իր պայծառութիւնն ու թարմութիւնը, աւելի՛ն. անոր գրական թէ գրադատական մօտեցումներու կարմիր թելը պահուած ու մնացած է ամուր, նոյնիսկ կէս դար մը ետք` իբրեւ յատկանիշ ու եզակի լեզուամտածողութիւն:

Այսինքն, ան իր որդեգրած գրելաոճին հաւատարիմ մնացած է առաջին իսկ օրէն մինչեւ շունչ վերջին:

Ի տարբերութիւն այլ գրողներու, Սնապեան ի սկզբանէ ունեցած է ինքնուրոյն գրական մտածելակերպ, գեղարուեստական լեզու, ոճային բարեմասնութիւններ, քննելու եւ քննարկելու եզակի մօտեցում, բայց մանաւանդ` տաղանդաւոր գրիչներու նկատմամբ երկիւղածութիւն, խիզախ կեցուածք եւ ուժեղ համարում:

Միւս կողմէ, ան երբեւէ չէ վարանած երեւան հանելու գրողի մը խարդախ մօտեցումները, լեզուական խորթութիւնները, գեղարուեստական միջակութիւնը, իրաւ մտաւորականի կոչումի բացակայութիւնն ու ներաշխարհի մը սին ու տխեղծ պատկերը:

Ինչ կը վերաբերի այս հատորին, ամփոփուած գրախօսականները, խորքին մէջ լաւագոյն ապացոյցն են այն վկայութեան, թէ երբ տուեալ հեղինակի մը գիրքը իր հզօր ազդեցութիւնը ունեցած է եւ ուղղակի հմայած Սնապեանի ներաշխարհը, յագեցուցած ճաշակը, ապա անիկա իբրեւ անձ ու գրականութիւն մշակող անհատականութիւն,  ըստ էութեան արժեւորուած եւ գնահատուած է անոր կողմէ:

Յայտնապէս սնապեանական գրախօսականները կ՛ամփոփուին 3-4 էջերու մէջ: Անոնք զերծ են աւելորդաբանութենէ, ունին կուռ եւ իմաստալից յատկութիւն: Չեն ենթարկուիր այլոց քմահաճոյքին, այլ կ՛ապրին իրենց խորազգաց ապրումներու շքեղութիւնն ու որակային արտայայտչականութիւնը: Անոնք սոսկ գիրքերու ներկայացումներ չեն, ոչ ալ` հեղինակի խօսքերու ընդօրինակութիւններ,  այլ միտք ու կշիռ փոխանցող, հոգի ու ճաշակ սնուցող տողեր, այո՛, ստեղծագործութիւններ:

Հուսկ, երախտագիտական խօսք գիրքի խմբագրական աշխատանքն ու սրբագրութիւնը կատարած Թամար Սնապեան-Սուրճեանին, որ կը շարունակէ բծախնդրօրէն տէր կանգնիլ իր հօր` Պօղոս Սնապեանի ստեղծագործական ժառանգին, ի փառս անոր ազնիւ յիշատակին:

Գեղատիպ այս գիրքը կը բովանդակէ 190 էջ, լոյս տեսած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն, 2017-ին:

 

 

 

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Մայր Հայրենիքին Հետ Վերամիացումի Պահանջէն Շատ Աւելին Շղթայազերծեց Արցախեան Շարժումին 30-ամեայ Յաղթարշաւը

$
0
0

Արցախեան շարժումին 30-ամեակը ամէն բանէ առաջ եւ վեր հայ ժողովուրդի համազգային յաղթանակին օ՛րն է` վերածնունդի՛ օրը, ինչպէս որ արդարօրէն կ՛ըսեն արծուաբոյն Արցախի խրոխտ որդիները:

Արցախեան հերոսամարտին 30-ամեայ յաղթարշաւը տօնելով` մեր ժողովուրդը ամէնուրեք հպարտութեամբ կը խոնարհի հայրենի հող ազատագրելու պայքարին մէջ իրենց գերագոյնը զոհաբերած` արեա՛ն նուիրաբերումը կատարած անուանի եւ անանուն բազմահազար ազատամարտիկներու անմահ յիշատակին առջեւ: Արցախեան պահանջատիրութեան 30-ամեակը նաեւ ու մանաւա՛նդ կու գայ շեշտելու հաւաքական ու միասնական մեր մեծ պարտքը` տէ՛ր կանգնելու մեր սերունդներուն ժառանգ յանձնուած Արցախեան Աւանդին` ազգային ինքնաճանաչման եւ համահայկական հաշուետուութեան ոգիով գուրգուրալու ազատագրուած հայրենի հողի իւրաքանչիւր մասնիկին վրայ, զայն պաշտպանող հայ մարդոց անվտանգութեան եւ արժանավայել կեանք ապրելու իրաւունքի պաշտպանութեան վրայ, ազատագրուած հողը շէնցնելու եւ անոր որբեւայրի ժառանգորդները ինքնավստահութեամբ եւ մարտունակութեամբ ջրդեղելու եւ զինելու:

Ի վերջոյ մտահան չենք կրնար ընել, որ երեսուն տարի առաջ, փետրուարեան պոռթկումի օրերուն, մարտունակ արցախցիներու ամէնօրեայ հաւաքներուն եւ երթերուն հետ ընդոստ ոտքի կանգնեցաւ իրաւատէր ողջ հայութիւնը` աշխարհի չորս ծագերուն, Ստեփանակերտէն արձակուող «Միացո՜ւմ»-ի պահանջին յաղթագոռ վանկարկումներուն միախառնելով իր պահանջատիրական հուժկու արձագանգը:

Այո՛, երեսուն տարի առաջ Ստեփանակերտէն արձակուած մայր հայրենիքի հետ Արցախի վերամիացման պահանջով ճամբայ ելած պայքարն ու շարժումը ամբողջ դարձակէտ մը նուաճեցին հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ: Ոչ միայն նոր ու կազմակերպուած թափով արծարծեցին աւելի քան վեց տասնամեակներէ ի վեր պարբերաբար պոռթկացող հայոց արծուաբոյն Արցախը մայր Հայաստանին հետ վերամիաւորելու ազգային մեր պահանջատիրութիւնը, ոչ միայն հայութեան պարտադրուած անհաւասար ուժերով պատերազմէն յաղթական դուրս եկան ու ամրագրեցին ազրպէյճանական լուծէն վերջնականապէս ազատ ու անկախ ապրելու Արցախի հայութեան անբռնաբարելի իրաւունքը, այլեւ` արժանաւորապէս նուաճեցին ու յառաջապահ պատնէշի վերածեցին Արցախը` իբրեւ Հայ դատի վերածնեալ պայքարին անառիկ միջնաբերդը, յառաջապա՛հ պատնէշը:

Մեր ժողովուրդին չափ`, եթէ ոչ աւելի, նոյնինքն ցեղասպան Թուրքիան եւ անոր ձեռնասունը` եղեռնագործ Ազրպէյճանը խորապէս կը գիտակցին, որ միայն մայր հայրենիքի հետ Արցախի վերամիաւորումով չ՛աւարտիր արցախեան շարժումով շղթայազերծուած Հայ դատի վերանորոգ պայքարին ազգային-քաղաքական օրակարգը:

Թուրք պետական վերնախաւը պատահականօրէն չէ, որ Հայաստանի շրջափակումը դադրեցնելու եւ Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութեանց բնականոնացումին համաձայնելու համար նախապայման կը դնէ այսպէս կոչուած «հայկական զօրքերու կողմէ բռնագրաւեալ տարածքները Ազրպէյճանին վերադարձնելու» պահանջը:

Բայց ո՛չ Թուրքիա, ո՛չ Ազրպէյճան եւ ո՛չ ալ այս կամ այն մեծապետական հաշուարկներով համաթրքական դահիճներուն պարբերաբար ձայնակցող աշխարհակալ տէրութիւնները կ՛անդրադառնան կամ կը գիտակցին, որ արցախեան շարժումով այլեւս բացառուած է Արցախի հայութիւնը որեւէ տարազով Ազրպէյճանի լուծին տակ առնելու կամ պահելու քաղաքականութիւնը:

Թէեւ արցախեան շարժումին յաղթարշաւով այսօր կա՛յ, ժողովրդավարականօրէն ու սահմանադրականօրէն արմատաւորուած է եւ իրողապէս ազատ ու անկախ կ՛ապրի Արցախի Հանրապետութիւնը, այդուհանդերձ, դեռ

իրաւականօրէն նուաճուած ու հաստատագրուած չեն հայկական երկրորդ հանրապետութեան միջազգային ընտանիքէն ներս լիարժէք ճանաչումն ու ընդունումը:

Հետեւաբար արցախեան շարժումին 30-ամեակը հայ քաղաքական մտքի անխտիր բոլոր հոսանքներուն վրայ պարտք կը դնէ, ամէն բանէ վեր, միասնաբար եւ անսակարկ նուիրաբերումով տէր կանգնելու Արցախի Հանրապետութեան` անոր քաջարի, այլեւ բազմաչարչար ժողովուրդին, նորահաս սերունդներուն, պետական կռուաններուն եւ յատկապէս ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան բանակին հետեւողական զարգացումին ու հզօրացումին:

Համահայկական այդ զօրաշարժին յառաջապահ դրօշակիրը, անշո՛ւշտ, Հայաստանի Հանրապետութիւնն է` պետական իր կռուաններով եւ քաղաքական-հասարակական կառոյցներով, որոնք կոչուած են աչքի լոյսի պէս գուրգուրալու Արցախի հայութեան ինքնահաստատման եւ ինքնազարգացման ներուժին լիարժէք արդիւնաւորման վրայ:

Համազգային այդ զօրաշարժին մէջ անփոխարինելի կռուան է հայկական սփիւռքը` աշխարհով մէկ տարածուած հայօճախներու հաւաքական ու միասնական զօրակցութիւնը վերածնեալ Արցախին:

Որքան ալ թշնամին սեւ ցանկեր «շինէ» եւ անոնց վրայ դնէ տարբեր երկիրներէ` աշխարհի մեծ ու փոքր քաղաքներէն Արցախ այցելող պետական, քաղաքական թէ հասարակական դէմքերը, սփիւռքեան իւրաքանչիւր հայօճախի աւագ պարտաւորութիւնն է ոչ միայն քաղաքացիական նախաձեռնութիւններով դէմ կանգնելու ազրպէյճանական նման ոտնձգութեանց, այլեւ` ամբողջական աջակցութիւն բերելու եւ քաջալերելու օտարներու դէպի Արցախ համակրանքի քայլերը:

Ինչպէս որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն եւ այնուհետեւ աշխարհով մէկ պարզուեցաւ, սփիւռքեան հայօճախները իրենց լրիւ իրաւունքին մէջ են ստեղծելու «Արցախեան առօրեայ»` օրը օրին արձագանգելու եւ զօրակցելու Արցախի ե՛ւ մեծ քաղաքականութեան հայանպաստ կողմնորոշման սեւեռող նախաձեռնութիւններուն, ե՛ւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ուժեղացումին, ե՛ւ Արցախի պարզ մարդոց ու յատկապէս նորահաս սերունդներուն ամէնօրեայ հոգերու բաւարարման եւ տարրական երազներու իրականացման:

Այո՛, ինչպէս երեսուն տարի առաջ, նոյնպէս եւ այսօր ու վաղը մենք բոլորս արցախցի՛ ենք:

Այո՛, մայր հայրենիքին հետ վերամիացումի պահանջէն շատ աւելին շղթայազերծեց արցախեան շարժումին 30-ամեայ յաղթարշաւը`

Հայ ժողովուրդին տուաւ ազգային ինքնաճանաչումի եւ Հայ դատի պայքարին նորօրեայ վերածնունդին հպարտութիւնը, հաստատակամութի՛ւնը:

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Փետրուար Դ.- Արցախի Ոգեշնչող Վերածնունդը

$
0
0

20 Փետրուար 1988-ին Լեռնային Ղարաբաղի Մարզային խորհուրդը արտահերթ իր նիստով Արցախի ժողովուրդին ազատ ինքնորոշման իրաւունքը հաստատեց:  Այդ օրը պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ որպէս Արցախի վերածնունդի օր:

Վերածնաւ Արցախը, որովհետեւ ազատագրուեցաւ իր ժողովուրդը կապանքի տակ պահող, անոր զարգացումը արգելափակող Ազրպէյճանի բռնատիրութենէն:

Արցախի վերածնունդը անկիւնադարձ մըն էր նորօրեայ մեր պատմութեան մէջ, որովհետեւ արցախահայութիւնը ոչ միայն ցոյցերով, այլ զինեալ պայքարով նուաճեց իր ազատ ապրելու իրաւունքը, իսկ հետագայ օրերուն ստեղծեց ազգային բանակ ու կերտեց անկախ հանրապետութիւն:

Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ իրականացած, սակայն մեր ժողովուրդին ներաշխարհին մէջ տարիներ փայփայուած այս յաղթանակը ազատազրկուած ժողովուրդներու պատմութեան մէջ հպարտութիւն առթող նուաճում է, որովհետեւ արդիւնք է ե՛ւ ազատագրական պայքարի, ե՛ւ դիւանագիտական աշխատանքի, ե՛ւ համաժողովրդային շարժումի: Շարժում մը, որուն մաս կազմեց ժողովուրդը իր բոլոր բաղադրիչներով` ազատամարտիկներով, քաղաքական գործիչներով, մտաւորականներով, կղերականներով եւ, վերջապէս, աշխարհասփիւռ զաւակներով: Այս բոլորին միասնական պայքարն էր, որ օրին յատկանշեց արցախեան շարժումը, Արցախի վերածնունդը: Այստեղ էր, որ միասնականութիւնը հատեց խօսքի սահմանները, մարմին ստացաւ ու արդիւնք տուաւ: Այս օրերուն էր, որ առաւելաբար ամրագրուեցաւ մեր ժողովուրդին հաւատքը իր սեփական ուժին հանդէպ:

Սուրիահայութեան կեանքին մէջ եւս դրական ցնցում մը տեղի ունեցաւ այդ օրերուն: Անկախ հայրենիքի մշտարծարծ գաղափարը շօշափելի իրականութիւն դարձաւ, ու երիտասարդութիւնը հոգեփոխութիւն մը ապրեցաւ, ինք եւս այս վերածնունդին զօրավիգ կանգնելու ձեւեր որոնեց ու գտաւ: Նորանկախ Հայաստան ու Արցախ ուղղուեցան սուրիահայ երիտասարդներ` իրենց մասնագիտութեամբ, իրենց բազուկով համեստ մասնակցութիւն բերելու անկախ մեր պետութիւններու վերածնունդին:

Ազրպէյճան ամէն ձեւով փորձեց խափանել Արցախի անկախ երթը` մերթ ջարդերու դիմելով, մերթ ապատեղեկատուութիւն տարածելով, մերթ հայ ժողովուրդին նկատմամբ ատելութիւն սերմանելով իր իսկ քաղաքացիներուն մէջ ու մերթ ականաւոր քաղաքական գործիչներ կաշառելով® Յար եւ նման` թրքական քաղաքականութեան:

Դրացի երկիրներու ծաւալապաշտական ու բռնատիրական նկրտումներուն դէմ, սակայն, մեր երկու անկախ հանրապետութիւնները պետականաշինութեան իրենց երթը կը շարունակեն:

Եթէ Ազրպէյճան կը պարծենայ իր քարիւղով, իսկ Թուրքիա` իր աշխարհաքաղաքական դիրքով, ապա  Արցախն ու Հայաստանը արդիական ու հզօր բանակ, արդար հասարակարգ, երկրի կառավարման ժողովրդավար համակարգ, առողջ տնտեսութիւն, ապրող ու զարգացող մշակոյթ ու քաղաքակրթութիւն, ուժեղ սփիւռք ունենալով` կրնան զատորոշուիլ ու առանձնայատուկ տեղ գրաւել տարածաշրջանին մէջ:

Հայկական անկախ զոյգ հանրապետութիւնները այսօրինակ մարտահրաւէրներու յաղթահարումով միայն կրնան կուտակել այնքան ուժ եւ զօրութիւն, որոնցմով կարելի կ’ըլլայ ե՛ւ պաշտպանուիլ ծաւալապաշտ երկիրներու ձգտումներուն դէմ, ե՛ւ ինքնաբերաբար հարթել հայրենադարձութեան ու վերաբնակեցումի բարդ թուացող, բայց կերտելի ուղին:

«Գ.»

 

Ղարաբաղեան Շարժումի 30-ամեակ

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Պարտադրուած Պատերազմը

Ըսինք արդէն, որ Մ. Կորպաչով, հակառակ իր ձեռնարկած բարեկարգութեան ճիգերուն, չկրցաւ արդարութեամբ դիմագրաւել Արցախի խնդիրը եւ անիկա ներկայացուց իբրեւ ընկերային չլուծուած հարց եւ խոստացաւ 400 միլիոն ռուբլի յատկացնել շրջանին: Իր այս փորձին ձախողութենէն ետք ուզեց վարկաբեկել շարժումը` անիկա ներկայացնելով ծայրայեղականներու գործ եւ բանտարկել տուաւ շարժումին ղեկավարները, ինչ որ աւելիով թափ տուաւ պայքարին եւ անզիջող դարձուց հայութիւնը:        Կորպաչովի միջոցառումները հիմնովին կը հակասէին իր իսկ ձեռնարկած բարեկարգութեանց ոգիին, որուն համար ալ շատ սուղ գին վճարեց ան. իշխանութենէն իր անկումը եւ Խ. Միութեան արագ փլուզումը:

Ղարաբաղեան շարժումի ժայթքէն երկու-երեք օր ետք, 20 փետր. 1988-ին Արցախի ինքնավար մարզի խորհրդարանը որոշում տուաւ Հայաստանին վերամիաւորուելու մասին:

Այս որոշումին Ազրպէյճան պատասխանեց Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ Մինկեչաուրի անմեղ հայ բնակիչներու սպանութիւններով: Սարսափի այդ օրերուն Ազրպէյճանի մէջ ապրող շուրջ 500.000 հայեր իրենց տունն ու տեղը ձգելով գաղթական դարձած` խուճապահար փախան Հայաստան: Ասոնց վրայ աւելցնելով ահաւոր երկրաշարժէն անտուն-անտէր մնացած մարդոց բազմութիւնը եւ երկրի մէկ մասին կիսաւեր վիճակը` կարելի է պատկերացնել այն կացութիւնը, որուն մէջ կը գտնուէր Հայաստան: Բայց Մոսկուան մտահոգուած էր Արցախի կայացուցած որոշումով, քան` գաղթականութեամբ ու սպանութիւններով: Առաջինը դուռ պիտի բանար ազգային անհակակշռելի հարցերու, մինչ երկրորդ ամօթը կարելի էր ծածկել-թաղել:

Արցախը Հայաստանին վերամիաւորելու որոշումը արգիլելու համար Կորպաչովի վարչակարգը զինուորական օրէնք հաստատեց շրջանին մէջ: Խորհրդային ներքին ապահովութեան զօրքեր գործակցելով ազերիներուն հետ` ամէն տեսակ բռնութեանց ու սպանութիւններու դիմեցին պայքարը խեղդելու եւ Արցախը հայաթափ ընելու համար: Հայկական աւելի քան 24 գիւղեր քանդուեցան եւ պայքարողներ գնդակահարուեցան: Վրայ հասաւ Մոսկուայի մէջ յեղաշրջման փորձ մը, որ յանգեցուց Կորպաչովին պարտադրուած հրաժարման` Ելցինի կողմէ, 25 դեկտ. 1991-ին:  Այդ հրաժարումով Խորհրդային  Միութիւնը կը կազմաքանդուէր:

Ստեղծուած նոր կացութեան մէջ եւ համոզուած, որ հայութիւնը ուժաքամ է այլեւս, Ազրպէյճան  պահանջեց ռուսերէն, որ իրենց զօրքերը հեռացնեն երկրէն: Ան կարծեց, որ ռուսական բանակէն ձեռք ձգած ու Թուրքիայէն ստացած զէնքերով միանգամընդմիշտ պիտի լուծէ հարցը` հայութենէն պարպելով ամբողջ շրջանը:

Բայց ան չարաչար սխալեցաւ իր հաշիւներուն մէջ:

Ազրպէյճան օժտուած էր ծանր ու արդիական զինատեսակներով եւ ունէր մեծաթիւ բանակ: Իսկ հայութեան կողմը` ինքնապաշտպանութեան համար լեռներու վրայ գոյաւորուած ֆետայական խումբեր: Արձանագրենք նաեւ, որ դէպի Արցախ առաջին զէնքերն ու դրամական օգնութիւնը սփիւռքէն հասան` շնորհիւ ՀՅ Դաշնակցութեան:

Մինչ այդ հասունցած էր Արցախի համար անկախութիւն հռչակելու գաղափարը, քանի որ Հայաստանին վերամիանալու որոշումը ոչ միայն ընդունելութիւն չէր գտած միջազգային ընտանիքին կողմէ, այլ ընդհակառակը, Հայաստան կը մեղադրուէր Ազրպէյճանէն հողատարածք  յափշտակելու յանցանքով:

Խ. Միութենէն Ազրպէյճանի անկախացումը լաւ առիթ էր Արցախին համար, որ ինքն ալ յայտարարէ իր անկախութիւնը` ազգերու ինքնորոշման միջազգային իրաւունքի հիման վրայ: Առ այս, 10 դեկտ. 1991-ին տեղի ունեցաւ հանրաքուէ, որուն յաջորդեցին խորհրդարանական ընտրութիւններ, որով եւ փաստացի իրողութիւն դարձաւ Արցախի Հանրապետութիւնը, որ կարճ ժամանակի մէջ ստեղծեց պետական կառոյցներ եւ կազմակերպեց ուժեղ բանակ:

Ժողովրդավարական  օրինաւոր միջոցներով արդարութիւնը վերականգնելու Արցախի ժողովուրդի կամքին Ազրպէյճան կը պատասխանէր պատերազմական գործողութիւններով եւ անխնայ ռմբակոծութիւններով:

Մեզի պարտադրուած պատերազմի ճակատներուն վրայ, սակայն, Արցախի բանակը իր շարունակական յառաջընթացին նորանոր յաղթանակներ ապահովելով` 1994 մայիսին կը պարտադրէր ազերիին, որ հրաժարի զէնքի լուծումէն եւ ընտրէ բանակցութեանց խաղաղ ճանապարհը:

Արցախի յաղթական բանակին յառաջխաղացքը կասեցնելու համար Ազրպէյճան դիմեց ՄԱԿ-ին ու մեծ պետութեանց` խնդրելով անոնցմէ միջամտութիւն, որպէսզի զինադադար հաստատուի: Մինչեւ այսօր ճակատները զինադադարի կարգավիճակի մէջ ըլլալով հանդերձ ու հակառակ ատոր, գրեթէ ամէնօրեայ սադրանքներով, նոյնիսկ պատերազմական ահռելի գործողութիւններով, ինչպէս ապրիլեան քառօրեան էր, ազերիները կը խախտեն զինադադարը, ինչ որ կը փաստէ իրենց անզօր ջղաձգութիւնը: Արցախն է, որ միակողմանի կը յարգէ զինադադարի իր ստորագրութիւնը, ինչ որ  սակայն, եւ դժբախտաբար, չի գնահատուիր զինադադարը հովանաւորողներէն եւ բանակցութիւնը վարող միջնորդ կողմերէն:

(Շար. 4)

Թիթիզեան Եղբայրների Ընտանիքների Բարեգործութեամբ Վանաձորում Դպրոց Է Վերանորոգւում

$
0
0

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

Բարեգործութիւնը Թիթիզեան ընտանիքի համար սուրբ առաքելութիւն է: Ժան եւ Կարպիս Թիթիզեան եղբայրներն իրենց կանանց` Էլօ եւ Լորիկ Թիթիզեանների հետ միասին տարիներ շարունակ մշտապէս սատարել են հայրենիքին ու հայ համայնքին` ամենատարբեր հարցերում:

Կարեւորելով յատկապէս Հայաստանի մարզերում  կրթութեան համար անհրաժեշտ պայմանների ապահովումը` Թիթիզեան ընտանիքը ներգրաւուել է նաեւ դպրոցաշինութեան գործում:

2001 թուականին Թիթիզեանները ֆինանսական օգնութիւն տրամադրեցին Վանաձորի ծովակալ Իսակովի անուան թիւ 23 հիմնական դպրոցին` Հայաստանում ուսումնական հաստատութիւնների բարենորոգմամբ զբաղուող Հայ կրթական հիմնարկութեան (ՀԿՀ) միջոցով:

Արդիւնքում` կրթօճախը հիմնովին վերանորոգուեց:

«17 տարի առաջ եղբօրս` Կարպիսի եւ կնոջս` Էլոյի տարեդարձը պէտք է միասին նշէինք, եւ մեր հարազատներէն ու ընկերներէն խնդրեցինք, որ նախատեսուած նուէրի գումարը փոխանցեն ՀԿՀ-ին: Հաւաքուած դրամական միջոցներն ուղղուեցին Վանաձորի դպրոցին: Մեր ընտանիքը կարեւոր է համարում աջակցութիւնը կրթական համակարգին, յատկապէս` մարզերում, եւ պէտք է անել հնարաւորը` մեր պատանիների ու երիտասարդների ուսանելու լաւագոյն պայմաններ ապահովելու համար», նշում է Ժան Թիթիզեանը:

Թիթիզեան ընտանիքի եւ ՀԿՀ-ի ներդրումների շնորհիւ (շուրջ 15 հազար ամերիկեան տոլար)` 2001թ.ին դպրոցը հիմնովին վերանորոգւում է. փոխւում է խարխուլ տանիքը, որ պատճառ էր դառնում առաստաղից մշտապէս թափուող անձրեւաջրերի: Դպրոցը մաքրւում է, գոյքի մեծ մասը` նորոգւում, տեղեկացնում է դպրոցի տնօրէն Տաթեւիկ Յովսէփեանը:

Տարիներ անց, 2014թ.ին, այցելելով Վանաձորի թիւ 23 դպրոց, Թիթիզեանները ծանօթանում են կատարուած աշխատանքին, եւ տեղեկանալով առկայ խնդիրների մասին` Կարպիս եւ Ժան Թիթիզեանները որոշում են կրկին աջակցել:

«Տնօրէնի հետ շրջելով կրթօճախի տարածքում` տեղեկացայ, որ դպրոցին անհրաժեշտ են անվտանգութեան եւ աշակերտների ապահովութեան համար նոր պայմաններ, եւ այս առումով, առաջնահերթութիւնը տրուեց դպրոցամերձ տարածքի ցանկապատմանը», յիշում է Կարպիս Թիթիզեանը:

«Ցանկապատի բացակայութիւնը վտանգում է սովորողների ազատ տեղաշարժը: Իրար յաջորդող ինքնաշարժների անարգել երթեւեկը մշտապէս վտանգաւոր իրավիճակներ է ստեղծում երեխաների կեանքի եւ առողջութեան համար: Խորապէս համոզուած լինելով, որ դպրոցաշինութիւնը շարունակական գործընթաց է, Կարպիս Թիթիզեանի հերթական այցելութեան ժամանակ ներկայացրեցի այս խնդիրը, եւ որոշումը տեղում ընդունուեց, ու դպրոցի ցանկապատման աշխատանքները սկսուած են: Համոզուած ենք, որ կարճ ժամանակ անց մեր կրթօճախն իր նուէրը կը ստանայ եւ հայ սաների շուրթերից կրկին կը հնչեն երախտիքի մրմունջներ` «Օրհնեա՛լ լինես , հա՛յ մարդ, Աստուած քեզ պահապան», նշում է Տաթեւիկ Յովսէփեանը:

Վանաձորի ծովակալ Իսակովի անուան դպրոցի տնօրէնուհին համոզուած է, որ բարեգործութիւնների դերը միայն ֆինանսական աջակցութեամբ չի սահմանափակւում, այն նաեւ սովորեցնում է աշակերտներին, որ նրանք էլ իրենց հերթին հետագայում լինեն բարերար: Եւ նրանք, յանձինս Թիթիզեանների ընտանիքի, ունեն հայ ազգային բարերարների կերպարը:

«Աշխարհի որ ծագերում էլ փնտռես, կը գտնես յարգանքի արժանի հայորդիք: Նրանցից են Կարպիս, Ժան, Լորիկ, Էլօ Թիթիզեանները, ովքեր շա՜տ ու շա՛տ յիշարժան գործերի թւում իրենց ձեռագիրն են թողել մայր հայրենիքի Վանաձոր քաղաքի թիւ 23 դպրոցի պատմութեան մէջ: Ճակատագրի բերումով, հայ ժողովրդի կենդանի մնացած բեկորները սփռուեցին աշխարհով մէկ եւ որտեղ էլ որ յայտնուեցին, օրհնանք բերեցին այդ հողին, հիւրընկալ ժողովրդին եւ իրենց շրջապատին: Ես չգիտեմ, թէ պատմական հայրենիքի ո՛ր հատուածից են տեղահանուել Թիթիզեանների նախնիները, բայց այն, որ նրանց ժառանգները ազնիւ հայորդիք են, փաստ է:

Բոլորն են ծնւում մարդ, միայն ընտրեալներն են, որ ապրում են ու արարում իբրեւ մարդ, առաւել եւս` Հա՛յ մարդ», այսպէս է բնութագրում Թիթիզեաններին եւ նրանց իր երախտագիտութիւնը յայտնում Տաթեւիկ Յովսէփեանը` յանձինս նաեւ դպրոցի աշխատակազմի ու աշակերտների:

 

 

Սումկայիթեան Ջարդեր, Պատմական Զուգահեռներ Եւ Դասեր

$
0
0

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ

1988 թուականի փետրուարի 12-ից Արցախում սկիզբ առած համաժողովրդական խաղաղ ցոյցերի եւ ինքնորոշման պահանջով Ղարաբաղի մարզային իշխանութիւնների իրաւական քայլերի պատասխանը եղաւ Սումկայիթ քաղաքում իրականացուած հայութեան ջարդը: Երեք օր շարունակուած նախճիրը վայրագութեամբ չէր տարբերւում այն եղեռնագործութիւններից, որ դարասկզբին իրականացրել էին թուրքերը եւ նոյն ազերիները: Խորհրդային շինծու ինտերնացիոնալիզմի տասնամեակներից յետոյ սերնդափոխութիւնն անգամ ազերիների ծինային  յիշողութեան մէջ չէր մարել հայ տեսակի նկատմամբ եղած անափ ատելութիւնը: Արդիւնաբերական Սումկայիթ քաղաքը շատ հեռու է գտնւում Արցախից, եւ աշխատանք փնտռելով այստեղ յայտնուած Դաշտային ու Լեռնային Ղարաբաղների հայութիւնը որեւէ առնչութիւն չունէր Լեռնային Ղարաբաղում տեղի ունեցող իրադարձութիւնների հետ: Այնուամենայնիւ, հէնց այստեղ տրուեց Արցախի ըմբոստացման պատասխանը, ինչը նախ եւ առաջ հայ բնակչութեանը ուղղուած զգուշացում էր: Այն նշանակում էր, որ ինքնորոշման իրաւունքի իրացման համար խաղաղ պահանջատիրութեանը Պաքուն հակադրելու է բիրտ ուժը, նկատի ունենալով, որ մայրաքաղաքի, Դաշտային ու Լեռնային Ղարաբաղների հայաբնակ ցրուած բնակավայրերի հայ բնակչութիւնը, այս պարագայում, յայտնւում է պատանդի վիճակում եւ կ՛արժանանայ Սումկայիթի հայութեան ճակատագրին: Ինչպէս հետագայ իրադարձութիւնները փաստեցին, Ազրպէյճանի իշխանութիւնը հէնց այդ ճանապարհով էլ գնաց` հայաթափելով ողջ Դաշտային Ղարաբաղը, թալանով ու սպանութիւններով տեղահանելով Պաքուի հայ բնակչութեանը: Ի վերջոյ, երբ հնարաւոր չեղաւ զանազան մեծ ու փոքր սադրանքներով կասեցնել ազատագրման գործընթացը, Ազրպէյճանը պատերազմ սանձազերծեց տարածքային ու թուաքանակի առումով անհամեմատ փոքր Ղարաբաղի նկատմամբ, որն այդ օրերին ամբողջովին գտնւում էր շրջափակման մէջ: Բարբարոսութեան հարցում փաստելով սեփական գերազանցութիւնը` միաժամանակ հայ ժողովրդին յիշեցւում էր նրա ողբերգական անցեալը (յայտնի է, ի դէպ, որ սումկայիթեան եղեռնագործութեան օրերին Ազրպէյճանում են գտնուել «խորհրդատուներ» Թուրքիայից): Ոչ մի կասկած չկայ, որ եթէ չլինէր արցախցիների ամուր դիմակայութիւնը եւ օգնութիւնը Հայաստանից, ապա Արցախի հողում կրկնուելու էին 1915 թուականի իրադարձութիւնները:

Երբ վայրենացած ամբոխը երեք օր շարունակ գիշատիչական խրախճանք էր սարքել հանրապետութիւններից մէկի երկրորդ քաղաքում, պարզւում է այդ մասին Մոսկուայում «տեղեակ չէին»: Այն դէպքում, երբ հանրապետութիւնների պետական մարմինները եւ ի մասնաւորի անվտանգութեան կոմիտէները, ըստ էութեան, «գլխադասային» մարմինների մասնաճիւղերն էին, եւ բացառւում էր, որ որեւէ վայրում տեղի ունեցող ամենափոքր իրադարձութեան մասին անգամ նոյն պահին ահազանգ չհնչեր կեդրոնում:

Իրականում արցախցիների բարձրացրած խնդիրը ամենացաւոտ հարուածն էր, ինչպիսին կարելի էր հասցնել մեծ կայսրութեանը, որ ձեւաւորուել էր ազգերի իրաւունքների բիրտ ոտնահարման եւ գաղութացման միջոցով: Այնպէս որ, այդ երեք օրուայ դասը Մոսկուային անհրաժեշտ էր, որպէսզի հայութիւնը դադարեցնէր քանդել կաւէ փղի ոտքերի տակի հողը:

Պատմական յաջորդ զուգահեռը յիշեցնում է, թէ ինչպէս ցարական կայսրութիւնն էր հրահրում հայ-թաթարական ընդհարումներ, կամ ինչպէս Ա.  Համաշխարհային պատերազմի օրերին, ռուս-թուրքական գործարքի արդիւնքում, ոչ միայն ռուսական զօրքերը դուրս բերուեցին վերջիններիս իսկ հրահրած եւ հայերին դրա մէջ ներքաշած կովկասեան ռազմաբեմից, այլեւ աւելի ուշ, Արեւելեան ժողովուրդների քոնֆերանսի ոգուն համապատասխան (տեղի է ունեցել 1920թ. սեպտեմբերի 3-8 Պաքւում) դրանից մօտ երկու շաբաթ անց սկսուեց թուրքական նոր արշաւանքը Հայաստանի վրայ, եւ նոր օրհասի առջեւ կանգնած հայութեանը պոլշեւիկեան Ռուսաստանը վերջնագրային ձեւով պարտադրեց յանձնել իշխանութիւնը: Ի դէպ, տրամաբանական էր, որ դրանից յետոյ «յաղթած» նոր իշխանութիւնը հեշտութեամբ թուրքերին դուրս կը հրաւիրէր Հայաստանի Հանրապետութիւնից բռնագրաւուած  40 հազար քառ. քմ տարածքից, բայց իհարկէ չարեց:

Համեմատութիւնը ուղղակի չէ, բայց յիշենք նաեւ, որ սումկայիթեան վայրագութիւնների համար պատասխան տուող չեղաւ, թէեւ այդ ամէնը տեղի էր ունեցել խորհրդային «եղբայրական միութեան» տարածքում, իսկ դատավարութիւնը անցկացուեց Մոսկուայում:

Պատմական զուգահեռների մէջ խորանալով` յիշենք նաեւ, որ երբ նոյն 1920 թուականին հայկական բանակը օրհասական կռիւներ էր մղում անհամեմատ մեծաքանակ եւ հզօր թուրքական ուժերի հետ, Ռուսաստանը տրամադրեց վերջիններին հսկայական քանակութեամբ զէնք, ռազմամթերք եւ ոսկի: Հիմա յիշենք, որ արդէն արցախեան պայքարի տարիներին նոյն ռուսների շնորհիւ էր, որ ազերիները կարողացան գրաւել Գետաշէնն ու Մարտունաշէնը, դատարկուեց Շահումեանը, խորհրդային բանակի «Օղակ» գործողութեան միջոցով հայաթափուեցին ու Ազրպէյճանի հսկողութեան տակ անցան Մարտակերտի եւ Հադրութի բազմաթիւ գիւղերը: Եւ այսօր էլ, երբ Հայաստանը շարունակում է շրջափակուած մնալ Թուրքիայի կողմից, ոչ մի օր վերացած չէ պատերազմի նոր փուլի բռնկման վտանգը Ազրպէյճանի հետ, Ռուսաստանը պատրաստւում է ամենանորագոյն զինատեսակներ տրամադրել Թուրքիային եւ շարունակում է զինել Ազրպէյճանին: Պատմական զուգահեռները ոչ թէ «հակա» տրամադրութիւններ բորբոքելու համար են (դրանց վնասը միշտ աւելի շատ է), այլ` եզրակացնելու համար, որ տարածաշրջանում շահերը չեն փոխուել եւ անել դրանից համապատասխան հետեւութիւններ: Ինչ վերաբերում է Սումկայիթի թեմային, որին էլ նուիրուած է այս անդրադարձը, ապա, ինչպէս հարիւր տարի առաջ, այն հայութեանը տուեց կարեւոր եւ ամենագլխաւոր դասը` հրաժարուել բոլոր տեսակի պատրանքներից (վերակառուցում, ժողովրդավարացում, պատմական արդարութեան վերականգնում եւ այլն) եւ նախապատրաստուել ազատութեան կամ մահուան դիմակայութեան: Ու բարեբախտաբար Սումկայիթից յետոյ հայութիւնը դանդաղ-դանդաղ սկսեց նախապատրաստական միջոցառումները, որոնց շնորհիւ հնարաւոր եղաւ խուսափել նոր Սումկայիթներից եւ յաղթել պարտադրուած պատերազմում: Ազրպէյճանն ու Թուրքիան առնուազն մէկ բան հասկացան, որ հայ ժողովրդի արեան մէջ գոյութիւն ունի թուրքական վայրենութեան դէմ հակադեղը, եւ եթէ այս ժողովրդի ձեռք ու ոտքը չկապեն, նրան յաղթելը դժուար է: Սումկայիթեան իրադարձութիւնները իրենց ողջ ողբերգականութեամբ վերահաստատեցին ուղիղ հարիւր տարուայ վաղեմութեան, Սարդարապատից առաջ Արամ Մանուկեանի հնչեցրած կոչը` մենակ ենք եւ յոյսներս մեզ վրայ պիտի դնենք:

 

Ակնարկ. Չեղեալ Համարել, Ուղերձ Յղել Եւ Գնդակը Փոխանցել Թրքական Կիսադաշտ

$
0
0

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խօսքը` հայ-թուրք արձանագրութիւնները չեղեալ համարելու մասին, կ՛աւարտէր հետեւեալ բաժինով. «Մենք պատրաստ կը լինենք Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններ հաստատել, եթէ այս գիտակցումը լինի նաեւ թուրքական կողմի մօտ: Եթէ վաղը, միւս օրը կը լինեն առաջարկութիւններ, մենք պատրաստ կը լինենք այս առաջարկութիւնները քննարկել»:

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար բանակցութիւններու սկսելու այս յայտարարութիւնը համահունչ էր երկու շաբաթ առաջ Միւնիխի անվտանգութեան ժողովին դարձեալ նախագահին կողմէ կատարուած յայտարարութեան հետեւեալ բաժնին. «Արձանագրութիւնները բանակցուել էին` ելնելով եղած պայմաններից: Եթէ Թուրքիան ցանկանում է սպասել այլ պայմանների, ապա վաւերացնել արձանագրութիւնները, նա չարաչար սխալւում է: Նոր պայմաններում պէտք է բանակցուի նոր փաստաթուղթ: Հայաստանը նախապայմանների լեզուով չի խօսում, բայց չի էլ ընդունի ոեւէ մէկի կողմից նախապայմանների առաջադրումը»:

Հիմնական ուղերձը անշուշտ կը շարունակէ մնալ այն, որ արձանագրութիւններու վաւերացման ընթացակարգը Երեւանն է, որ կը դադրեցնէ, սակայն խորքին մէջ հիմնական արգելակողը եւ պատճառը Անգարան է:

Երկու յայտարարութիւններուն միեւնոյն բաժինները համադրելով կը հետեւցուի, որ Երեւանը այս արձանագրութիւնները անվաւեր հռչակելով չի փակեր Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման կամ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման նոր գործընթաց սկսելու կարելիութիւնը:

Առաջին հայեացքով ըստ ձեւի Անգարային, ըստ էութեան նաեւ միջազգային ընտանիքին կ՛ուղղուի ուղերձը: Անգարան փաստօրէն սխալած է սպասելով իրեն յարմար պահու, իրեն շահերէն բխող պայմաններու ստեղծման` վաւերացնելու համար արձանագրութիւնները: Պայմանները փոխուած են եւ հետեւաբար նոր պայմանները կը թելադրեն բանակցային նոր փաստաթուղթի մշակում:

Փորձենք ենթադրել, թէ ինչ պայմաններու կ՛ակնարկուի: Եթէ մանրադիտակով կեդրոնանանք ամենատեսանելի գործնական կէտին վրայ, ապա պիտի ըսենք, որ Երեւանի ակնկալածը ապաշրջափակումն է, իսկ Անգարայի շահարկած նիւթը` ապաշրջափակումը զիջումներու դիմաց պայմանականացնելը:

Օրին, շրջափակումը համեմատաբար աւելի ծանր պայմաններ ստեղծած էր Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Մինչ այժմ նոր հեռանկարային վիճակներ պարզուած են մէկ կողմէ Եւրասիական տնտեսական միութիւն – Եւրոպական Միութիւն, միւս կողմէ Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովու միջեւ հայաստանեան կամուրջի հանգամանքի հետզհետէ ուրուագծումով: Ինչ որ բնականաբար կը նուազեցնէ Հայաստանի շրջափակման ազդեցիկութիւնը: Այդ պատճառով ալ նախագահը հետեւեալ բառերով կ՛աւարտէր անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին արտասանած իր խօսքը. «Եթէ վաղը, միւս օրը կը լինեն առաջարկութիւններ, մենք պատրաստ կը լինենք այս առաջարկութիւնները քննարկել, իսկ մինչ այդ մենք կ՛աշխատենք զարգանալ այնպէս, ինչպէս մինչեւ հիմա էինք զարգանում` առանց Թուրքիայի հետ ունենալու դիւանագիտական յարաբերութիւններ»: Այս ինքնավստահութեան մէջ առկայ է Հայաստանի ստանձնելիք նոր կարգավիճակային հանգամանքը:

Փոխուած են նաեւ աշխարհաքաղաքական իմաստով այլ հանգամանքներ եւս: Ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն միջնորդը ըստ ձեւի Զուիցերիան էր, սակայն ըստ էութեան հիմնական հովանաւորը, աջակցողը, ճնշողը եւ բանակցութիւնները փրկողը` Ուաշինկթընը: 2009-ին եւ 2018-ին էական փոփոխութիւններ կան Ուաշինկթընի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն մէջ: Փաստօրէն հերթական անգամ, որ պաշտօնական Երեւանը ազդարարած է արձանագրութիւնները առ ոչինչ յայտարարելու մասին, անարձագանգ մնացած է Ուաշինկթընի կողմէ: Այս յայտարարութիւնները ժամանակի առումով կը համընկնէին Ուաշինկթըն – Անգարա ուղղութեան համեմատական լարուածութեան: Աւելի՛ն. Ուաշինկթընի վերաբերումը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան առնչուած գործընթացներուն որեւէ կերպ չի նպաստեր զերօ խնդիրներ հարեւաններու հետ առաջադրանքի իրականացման. ընդհակառակն:

Մինչդեռ ցիւրիխեան օրերուն եւս Անգարա -Մոսկուա յարաբերութիւնները չունէին այսօրուան մերձեցումի պատկերը: Եւ եթէ մէկ կողմէ ամերիկեան շահագրգռուածութիւնը օրին կը բացատրուէր դէպի Ռուսիա եւ դէպի Իրան ճանապարհներուն այլընտրանք ստեղծելով, ապա Մոսկուան վրացական մենաշնորհային ճանապարհին այլընտրանք կը տեսնէր ցամաքային նոր ուղիով: Կը թուի, որ այսօրուան մերձեցումին համար առաջնային խնդիր չէ արձանագրութիւններու չեղարկումը: Ո՛չ միայն խնդիր չէ, այլ նաեւ ռուսական շահերուն չվնասող քայլ:

Միւնիխի մէջ եթէ կը խօսուէր նոր պայմաններ, նոր փաստաթուղթի մասին, ապա Երեւանի մէջ կը յստակացուէր, որ եթէ  յարաբերութիւններու հաստատման նոր գործընթացի սկսելու համար կայ համապատասխան գիտակցում Թուրքիոյ կողմէ, ապա պէտք է յղուին նոր առաջարկներ, որոնք Երեւանը պատրաստ է քննարկելու:

Պարզ է տրամաբանութիւնը: Ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը նախաձեռնեց Երեւանը, որ յանգեցաւ արձանագրութիւններու ստորագրութեան: Այդ գործընթացը արգելակեց Անգարան, որուն պատճառով ալ Երեւանը դադրեցուց վաւերացման ընթացակարգը: Երեւանը ուղերձ կը յղէ միջազգային ընտանիքին, թէ պատրաստ է վերաբանակցելու. բայց գնդակը կը գտնուի Անգարայի կիսադաշտին մէջ:

«Ա.»


Հայկ Դեմոյեանի Նոր Գիրքը` «Հայկական Հետք Ամերիկայի Մէջ. 400-ամեայ Ժառանգութիւն »

$
0
0

Լոյս տեսած է Հայկ Դեմոյեանի «Հայկական հետք Ամերիկայի մէջ. 400-ամեայ ժառանգութիւն» նոր մենագրութիւնը: Գիրքը նուիրուած է առաջին հայուն Ամերիկա երթալու 400-ամեայ պատմութեան. 1618-ին Մարթին անունով (Martin the Armenian) առաջին հայը հասաւ Վիրճինիա: Առաջին հայուն ժամանումը ազդարարեց նաեւ հայ գաղթականներուն հոսքը, գաղթականներ, որոնք իրենց հետ Նոր երկիր բերին` սեփական սովորութիւնները, կենսաձեւը, խոհանոցը եւ մտածելակերպը: Անոնք ուսանողներ էին, արհեստաւորներ, առեւտրականներ, հողագործներ, որոնք եկած էին Ամերիկա` գոյատեւելու եւ հայրենիքը մնացած` շահագործման ու բռնութեան լուծին տակ տառապող իրենց ընտանիքներուն օգնելու մեծ յոյսով:

620 էջերէ բաղկացած պատկերազարդ աշխատութիւնը օժտուած է 2200 լուսանկարներով, որոնց կարգին` արժէքաւոր արխիւային փաստաթուղթեր եւ հազուագիւտ պատկերներ, որոնք ցոյց կու տան հայ-ամերիկեան համայնքի պատմութիւնն ու ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ` հայերուն առաւել նշանակալից ներդրումները Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Հատորը կը ներառէ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական հիմնարկներու արխիւային նիւթեր, որոնցմէ շատեր կը ներկայացուին առաջին անգամ ըլլալով: Գիրքին գլուխները եւ նկարազարդումները ներկայացուած են ժամանակագրական կարգով` ընդգրկելով 1618-էն մինչեւ 1990-ականներու սկիզբ երկարող ժամանակաշրջանը:

Այսօր հայերը եւ հայկական մշակոյթի հետքերը տեսանելի են Ամերիկայի գրեթէ բոլոր նահանգներուն մէջ. հայ բժիշկները, երկրաչափները, ճարտարապետները, դերասանները, շարժապատկերի գործիչները, երգիչները, յաջողակ մտաւորականներն ու գործարարները կը կամրջեն Միացեալ Նահանգները եւ Հայաստանը` ամուր յենասիւներով:

Այս հատորը հայ-ամերիկեան համայնքի ամբողջական պատմութիւնը ներկայացնելու առաջին փորձն է:

Անիկա նաեւ յարգանքի իւրայատուկ տուրք է յիշատակին Միացեալ Նահանգներ հաստատուած այն հայերուն, որոնք իրենց եռանդուն ջանքը ի գործ դրած են հայ-ամերիկեան կապերու ամրապնդման ի խնդիր, եւ երախտագիտութեան տուրք` յիշատակին անոնց, որոնք տառապած են հայ ժողովուրդին հետ իրենց մարդասիրական առաքելութիւնը կատարելու ատեն` փրկելով եւ նոր կարելիութիւններ ստեղծելով Հայոց ցեղասպանութենէն եւ Մեծ երկրաշարժէն վերապրած հարիւրաւոր կեանքերու:

Գիրքը հրատարակուած է «Նուպար եւ Աննա Աֆէեաններ» հիմնադրամին աջակցութեամբ, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան կողմէ:

«Այս գիրքը Միացեալ Նահանգներու մէջ հայերուն եւ անոնց ազդեցութեան մասին է: Մեծ նախաձեռնութիւն` Հայկ Դեմոյեանին կողմէ: Ուրախ ենք, որ կրնանք աջակցիլ անոր եւ համագործակցիլ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հետ», նշած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր, ամերիկահայ բարերար Նուպար Աֆէեանը:

Վազքով Սկսող Երթի Վազքով Աւարտը

$
0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Նոր է ինքնաշարժը, բազմահազար քիլոմեթրներ ճամբայ հարթած է, բայց չէ յոգնած: Նոյնպէս` վարորդ Իպրահիմը երիտասարդ է եւ ան ալ չի յոգնիր: Բայց անցնող օրերը սկսած են մեր վրայ յոգնութեան նշաններ տալ: Կարծես սկսած ենք տունդարձի տրամադրութեան մէջ մտնել: Սա մեր վերջին գիշերն է, որ պիտի անցընենք պանդոկի մը սենեակին մէջ: Որքան ալ հանգստաւէտ ըլլան, հիւրանոցները չեն կրնար փոխարինել տան ջերմութիւնը: Այս ու նման խորհուրդներով լցուած ենք կ՛երեւի, որ տիկին Շուշիկն ալ չ՛երգեր, այլ կը գոհանայ յաջորդ կայարանի` Տիգրանակերտի մասին հարցումներով:

Նպատակադրած ենք Սիլվան, կամ ալ պատմական անունով Տիգրանակերտ կանգ առնել ու ապա հասնիլ Տիարպեքիր: Սակայն այդ կանգ առնելու միջոցը կ՛երկարի Սիլվանի մէջ մեզ հիւրընկալող սրճարանի տիրոջ քաղաքի պատմական աւերակները ցոյց տալու առաջարկով: Խումբը հետաքրքիր է, եւ կ՛որոշենք իրեն հետեւիլ Մեծն Տիգրանի անունով հիմնուած այս քաղաքին մէջ գոնէ հայկական հետք մը տեսնելու, յայտնաբերելու յոյսով: Նախքան այս ճամբորդութեան սկիզբը` գիտէինք տարածաշրջանի մէջ տիրող պատերազմական մթնոլորտի մասին: Արդարեւ, ճամբու տեւողութեամբ քանիցս կանգ առած էինք ոստիկանութեան ստուգման կէտերու վրայ, եւ սակայն մեր երիտասարդ վարորդի վստահութիւն ներշնչող պատասխաններով դիւրաւ դուրս եկած էինք այդ ստուգման կէտերէն: Սակայն ոստիկանական հարցաքննութեան սարսափազդու օրինակը վայելեցինք Սիլվանի մէջ: Հազիւ քանի մը հարիւր մեթր հեռացած էինք սրճարանէն, երբ ոստիկանական երկու զրահապատ ինքնաշարժներ հակառակ ուղղութիւններով եկան ու շրջապատեցին մեզ: Այս անգամ բարեացակամ չէին երեւեր եւ սաստող ոճով մը կը խօսէին մեզ առաջնորդող սրճարանի տիրոջ հետ: Ան ալ իր կարգին սմքած էր ոստիկաններուն դիմաց եւ կը փորձէր բացատրել, որ օտար ուղեւորներ ենք եւ կ՛ուզենք տեսնել այստեղի պատմական վայրերը: «Շո՛ւտ վերադարձէք եւ իսկոյն հեռացէք մեր պաշտօնի սահմաններէն», հրահանգեց ոստիկանը, եւ, այսպիսով, կիսատ մնաց Սիլվանի շրջագայութիւնը: Սրճարանի տէրը ապա պատմեց իր սմքելու պատճառը. «բարեբախտաբար զիս չճանչցաւ, վեց տարի բանտարկութեան դատապարտուած եմ եւ բանտ մտնալու ալ բնաւ նպատակ չունիմ: Վաղը առաւօտեան կանուխ ժամերուն լեռ պիտի երթամ մերոնց միանալու համար»: Մեզ` հայերուս ուղղեալ յատուկ ուշադրութիւնը արդէն մտածել տուած էին իր քաղաքական հակումներուն մասին: Մեր դիմաց քրտական ազգային շարժումին ներքաշուած գործիչ մը կար, որ օր ցերեկով սրճարան կը բանեցնէր, իսկ միւս կողմէ` հոգիով ու մարմնով ենթարկուած էր ազատատենչ պայքարին:

Օրը արդէն մթնել սկսած էր, երբ կը սուրայինք Տիգրանակերտէն դէպի Տիարպեքիր: Մեր գալուստին մասին տեղեակ պահած էինք Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամները: Տիարպեքիր հասնելով` Տաղքափը թաղամասին մէջ դիմաւորեցին մեզ եւ առաջնորդեցին դէպի մօտակայ սրճարան: Այստեղ արդէն հաւաքուած էին տասնեակ մը հայեր` մեզի հետ հանդիպելու համար: Անոնց մէջ էր ծխական խորհուրդի անդամներէն Կաֆֆուր Թիւրքայը եւ վերջին տարիներուն 20 տարի Լոս Անճելըս բնակելէ ետք իր հայրենի երկիրը վերադարձած հանրածանօթ երգիչ, ուտահար Երուանդը: Կարօտով լեցուն հանդիպում մըն էր այս, քանի որ վերջին տարիներուն պատերազմի դրութեան պատճառով չէինք կրցած այցելել իրենց: Ժամանակը շատ սուղ էր, եւ մեր զրոյցի նիւթերը շատ բազմաբնոյթ: Իրենք կը հարցնէին պատրիարքի ընտրութեան մասին, մենք կը հետաքրքրուէինք Սուրբ Կիրակոսի վիճակով կամ իրենց առօրեայով: Կիսատ մնաց այս զրոյցը: Չյաջողեցանք նաեւ տենկպեժներու տունը այցելել եւ գոնէ քանի մը քլամ լսել: Ամիտա քաղաքի յատուկ երեւոյթներէն մէկն է տենկպեժներու տունը, ուր ամէն օր տասնեակ մը տաղասացներ կը մէկտեղուին եւ երգելով կը պատմեն թէ՛ աւանդական եւ թէ՛ ներկայ ժամանակներու յատուկ առասպելներ կամ պատումներ: Այդ համեստ բակը մեր մօտ կ՛արթնցնէ այն տպաւորութիւնը, որ այդտեղ նստած տաղ ըսողները, հոգ չէ, թէ տարբեր լեզուով, հարազատ շառաւիղներն են նախաքրիստոնէական շրջանի հայ գուսաններու` Գողթան գաւառի երգիչներու: Տենկպեժները կ՛երգեն իրենց պատմութենէն դրուագներ, իսկ մենք կը լսենք «Արտաշէսի հարսանիքը» կամ «Վահագնի ծնունդը»: Կը տարուինք խորհելու, թէ քիւրտերու Մովսէս Խորենացին տակաւին չէ յայտնուած, որ այս գրականութիւնն ալ փոխանցուէր իր երկաթագիրին: Թերեւս այս է պատճառը, որ տենկպեժներ, մինչեւ օրս կը պահեն իրենց արուեստի այժմէականութիւնը: Օրուան մէջ բազմաթիւ այցելուներ կու գան այս բակը, կը լսեն զիրենք: Անոնցմէ ոմանք կը տիրապետեն տաղասացներու լեզուին, իսկ ոմանք ալ, մեզի նման, զիրենք լսելով` կ՛իմանայ արդէն իրեն ծանօթ եղածը:

Վերեւ նշած էինք, որ ժամանակը սուղ է: Այս անգամ չենք կրնար այցելել տեղւոյն յատուկ ութանկիւն գլխարկ սարքող վարպետին եւ նոր գլխարկ մը գնել: Բան մը, որ անբաժան արարողակարգերուն մաս կը կազմէ մեր Ամիտա իւրաքանչիւր այցելութեան: Կը բաւարարուինք Չորս ոտանի մինարեթը այցելելով, որուն ոտքերուն տակ գնդակահարուած էր մարդու իրաւունքներու պաշտպան իրաւաբան Թահիր Էլչին: Ողորմի մը կը մրմնջանք իր հոգւոյն, ոստիկանական արգելապատէն տեսնել կը փորձենք Սուրբ Կիրակոսի ալ գտնուած տարածքը եւ հիասթափուած` կը վերադառնանք մեր ընկերներուն մօտ: Վերջին գործ մը ունինք Ամիտայի մէջ: Մրգավաճառէն կը գնենք սեխի կուտեր` նուիրելու համար նախկին տիյարպեքիրցի, այժմ պոլսաբնակ բարեկամուհիի մը: Գիտենք, որ ան իւրաքանչիւր կուտի հետ համն ու հոտը կ’ապրի իր սիրելի ծննդավայրին:

Ինքնաշարժը ուղղուած է բացօթեայ թանգարանի մը տպաւորութիւնը ունեցող մէկ այլ քաղաք` Մարտին: Սակայն, ափսո՜ս, մեր հիւրանոցը ոչ թէ այդ պատմական հին քաղաքի մէջ է, այլ` դաշտի վրայ կառուցուած նոր քաղաքի: Շուտով կը բարձրանանք սենեակներ, ծանրութիւնները կը թողունք եւ իսկոյն կ՛ուղղուինք դէպի պատմական Մարտին: Բլուրի բարձունքէն կը վայելենք քաղաքի գիշերային տեսարանը, որ լոյսի ծովու մը տպաւորութիւնը կը թողու:

Յաջորդ առաւօտ նոյն պատմական քաղաքի փողոցներուն մէջ շրջագայութեամբ կ՛աւարտենք Մարտինի պտոյտը: Այսօր վերադարձ է, բայց մենք նախքան ինքնաթիռ հասնիլ` ծրագրած ենք կարելի չափով թափանցել նաեւ պատմական Եդեսիա, այժմու Ուրֆա քաղաքը:

Ժամանակը անգամ մը եւս շատ սուղ է: Ուրֆան կը ճանչնանք միայն իր արդիաշունչ թանգարանով եւ յատուկ խոհանոցով:

Եօթնօրեայ շրջագայութեան ընթացքին այցելեցինք քաղաքներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը արժանի էր եօթնօրեայ կեցութեան: Ուրեմն ետդարձի պահուն բոլորիս մտքին մէջ նոյն համոզումով գոյացած էր խորհուրդ մը` «Կրկին ու կրկին գալ ու այցելել այս վայրերը, որպէսզի չըսենք, որ ի զուր ապրած ենք»:

pakrates@yahoo.com

 

Քաղաքական Վերածնունդ` Վերականգնել Մեր Բնութեան Լաւագոյն Կողմերը

$
0
0

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Վերջին տասնամեակին ականատես կ՛ըլլանք իւրայատուկ նորութեան մը` տարբեր գիտութիւններու հոգեբանութեան, մարդաբանութեան, նեարդաջղաբանութեան եւ եղափոխութեան կենսաբանութեան յայտնաբերումներու համադրութեան: Այս բոլոր բնագաւառներուն մէջ գիտահետազօտութիւնները ցոյց կու տան մէկ եզրակացութիւն, որ մարդը, «զարմանալիօրէն անսովոր էակ է, երբ կը համեմատենք անոր այլ կենդանիներու հետ»: Խօսքը կը վերաբերի այստեղ մարդու` մեր զարմանալի աստիճանի այլասիրութեան: Մենք` իբրեւ մարդ, մեր մէջ կը կրենք ուրիշներու կարիքներու նկատմամբ անզուգական զգայունութիւն, ուրիշներու բարեկեցութեան մասին մտահոգութեան իւրայատուկ մակարդակ, եւ դեռ աւելի՛ն, մեր այս միտումները ընդհանրացնելով ու կիրարկելով` բարոյական չափանիշներ ստեղծելու  անհերքելի ունակութիւն: Կարճ խօսքով` այլասիրութիւն:

Մենք իբրեւ մարդ էակներ, կաթնասուններու շարքին, նաեւ բարձրագոյն աստիճանի համագործակցողներն ենք: Շնորհիւ համագործակցելու մեր ձիրքին, մենք, իբրեւ մարդ, վերապրեցանք բնութեան խիստ պայմանները, հակառակ անոր որ մենք աւելի թոյլ եւ դանդաղ էինք, քան` մեր գիշատիչները, եւ նոյնիսկ` մեր որսերուն մեծ մասը, եւ այս` շնորհիւ փոխադարձ օգնութեան մեր իւրայատկութեան զարգացումին: Անխտիր համագործակցելու այս յորդորը առկայ է մեր բոլորին ուղեղին մէջ եւ մեզի հասած է այսօր բնական ընտրութեան միջոցով: Հետեւաբար այլասիրութեան եւ համագործակցութեան մեր իւրայատուկ միտումները կը հանդիսանան մարդկութեան հիմնարար յատկութիւնը:

Բայց այսօր կը թուի, թէ  բան մը ահաւոր սխալ ընթացքի մէջ է:

Մեր մարդկային այս դրական յատկութիւնը որոշակի ուժերու կողմէ խափանուած է, բայց թերեւս ամենահզօր խափանիչ ուժը մեր ժամանակներու գերիշխող քաղաքական պատումն է: Մենք ակամայ ինկած ենք ծուղակը եւ կը գործադրենք քաղաքական գործիչներու, տնտեսագէտներու եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ լրագրողներու կողմէ անխափան տարածուող ծայրայեղ մրցակցութեան եւ անհատապաշտութեան գաղափարները:

Այս գաղափարախօսութիւնները մեզ` մարդկիկը կը հանեն իրարու դէմ, կը խրախուսեն մեր լուռ վախերը եւ կը վերացնեն վստահութիւնը: Աւելի՛ն.  անխուսափելիօրէն կը թուլացնեն կեանք իմաստաւորող մեր միջընկերային կապերը: Մրցունակութեան եւ անհատի ինքնաիրագործման պատումը այնքան յաճախ պատմուած է մեզի, եւ` այնքան համոզիչ ձեւով, որ մենք արդէն ընդուներ ենք այն որպէս մեր ինքնութեան վերջնահաշիւ` թէ ո՛վ ենք մենք: Անիկա փոխեր է մեր ընկալումը մեր մասին: Սկսեր ենք հաւատալ, որ մենք ինքնասէր ենք, անհատապաշտ ենք եւ, հետեւաբար, մենք փոխեր ենք աշխարհի ընկալման մեր ձեւը եւ  մեր վարուելաձեւը :

Այս գաղափարախօսութեան օգնութեամբ եւ նորազատական պատումի շահագործմամբ, մենք կորսնցուցեր ենք մեր ընդհանուր նպատակը: Այս պատճառով այսօր բոլորս ալ կը տառապինք հաւատքի կորուստով (կրօնական հաւատքի մասին չէ խօսքը) մենք կորսնցուցեր ենք փոփոխութեան ուժ կրողի մեր հաւատքը:

Ի՛նչ խօսք` ասիկա համազօր է որպէս մարդու մեր լաւագոյն ներուժի խափանման` մարդոց միջեւ ընդհանուր հիմք գտնելու ներուժի խափանմանը,  այսինքն` վտանգները կանխատեսելու, միաւորուելու, պայքարելու եւ վտանգները միասնաբար յաղթահարելու մեր հաւաքական ուժի խափանման: Մեզ աղճատելով` անհանդուրժողական եւ բռնարար ուժեր հնարաւորութիւն ձեռք բերեր են լեցնելու քաղաքական դատարկուած տարածքը: Ուրեմն զարմանալի չէ, որ մենք բռնուած ենք օտարումի եւ յետաշրջումի  թակարդին մէջ: Մենք որպէս մարդ արարածներ` բռներ ենք նահանջի ու ինքնաքայքայման ուղին, նաեւ` որպէս հայ մարդ:

Սակայն միասնական ուժով մենք կրնանք  վերակենդանացնել հաւաքական մեր կեանքը. յիշենք, որ մենք ենք բոլոր պատումներուն հերոսները, մենք կրնանք կոտրել մեզի պարտադրուած  այս արատաւոր փակ շրջանակը: Միասնականութեան եւ պատկանելիութեան զգացումներու մեր ներքին հզօրութիւնը լարելով`  մենք կրնանք վերստին կեանքի կոչել մարդկային մեր հիմնական արժէքները` մեր այլասիրութիւնը եւ փոխադարձ օգնութեան ինքնածին միտումը: Հասարակութեան տարրական իրաւունքները վերականգնելով, կառուցելով այն վայրերը, ուր  մենք կ՛ապրինք, եւ խարսխուելով մեր համայնքի քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին մէջ` մենք կրնանք վերականգնել մեր բնութեան լաւագոյն կողմերը: (Համայնք բառը այստեղ կ՛օգտագործեմ ոչ որպէս կրօնական համայնք, այլ` միատեղ ապրող մարդոց խումբ) :

Եթէ մեր շրջապատին մէջ կը տիրէ բեկորացում. հիւլէացում, ապա որպէս պատասխան` մենք կը ստեղծենք բարգաւաճ քաղաքացիական կեանք: Եթէ կայ օտարում, ապա մենք կը ստեղծենք պատկանելիութեան նոր զգացում` հարեւանի, հարեւանութեան եւ հաւաքականի վերընձիւղում: Համայնքային ծրագիրներով կը խթանենք աշխուժ մասնակցութեան նոր մշակոյթ: Նոր հասարակական  ձեռնարկութիւններով կ՛ուժեղացնենք մեր իրարու կապուած ըլլալու զգացումն ու խնդիրներու վերահսկողութիւնը մեզի պահելու անքակտելի իրաւունքը:

Եթէ մենք կը գտնենք, որ մենք սեղմուած կամ ճզմուած ենք մէկ կողմէ` շուկայի եւ միւս կողմէ` պետութեան միջեւ, ապա մենք կրնանք զարգացնել տնտեսական նոր համակարգ, որ յարգանքով կը վերաբերի թէ՛ մարդոց, եւ թէ՛ մեր մոլորակին նկատմամբ: Ժամանակն է, որ մեզի կտակուած կտոր մը հողին նայինք նոր աչքերով. «Environmentalism»-ը որպէս աշխարահայեացք  իւրացնելու ժամանակն է: Մենք մեզի կտակուած այս փոքրիկ հողին վրայ կը կառուցենք նոր համակարգ` հիմնուած մեր մէջ բոլորովին անտեսուած, բայց շատ հիմնարար քաղաքական տնտեսութեան ըմբռնումի մը վրայ, խօսքս կը վերաբերի համայնքային հասարակաց իրաւունքներու (The Commons)1:

Կը ստեղծենք համակարգ մը, ուր տեղական պաշարները կը ղեկավարուին համայնքներու կողմէ` ապահովելով հարստութեան  լայն բաժանումն ու տարածումը: Համընդհանուր հարստութիւնները կ՛օգտագործենք ֆինանսաւորելու համար համամարդկային մեր կարիքները,  պահպանելով պետական ընդհանուր դրոյթը, որ մեր բոլորի անվտանգութեան ու կայունութեան երաշխիքն է:

Ուր որ մենք կ՛անտեսուինք եւ կը շահագործուինք, ապա այնտեղ մենք կը վերականգնենք ժողովրդավարութիւնը եւ ձեռք կ՛առնենք քաղաքականութիւնը: Ընտրական համակարգը կ՛ապահովենք նոր մեթոտներով ու կանոններով, ուր իւրաքանչիւր քուէ ունենայ իր հաշուարկը, եւ ուր  ֆինանսական ուժերը երբեք չկարենան յաղթել քաղաքական ուժերուն: Կ՛ուժեղացնենք ներկայացուցչական ժողովրդավարութիւնը` մասնակցային ժողովրդավարութեան շնորհիւ, ինչ որ մեզի թոյլ կու տայ ճշդորոշելու քաղաքական մեր նախընտրանքները: Որոշումներու կայացումը կը վերադարձնենք քաղաքական ամենափոքր միաւորներուն` մարդոց:

Մեր քաղաքական նոր մշակոյթը այնքան ուժեղ պէտք է ըլլայ, որ կարենայ ներգրաւել բոլոր տեսակի մարդիկը, դիմանայ ընկերային բազմազանութեան` մարդոց ծագման, կեանքի փորձի, գաղափարներու եւ ապրելաոճի բազմազանութեան: Մենք այլեւս պէտք չէ վախնանք այն մարդոցմէ, որոնք կը տարբերին մեզմէ: Մեր քաղաքական նոր մշակոյթը  մեզի կու տայ ուժ եւ ինքնավստահութիւն` մերժելու ատելութիւն սերմանելու բոլոր փորձերը:

Հասարակութիւնը վերականգնելու, քաղաքացիական կեանքը վերանորոգելու եւ աշխարհի մէջ մեր տեղը ապահովելու միջոցով մենք կը կառուցենք այնպիսի հասարակութիւն մը, ուր կը վերադարձնենք մեր մարդկային իւրայատուկ բնոյթը` մեր այլասիրութիւնը, էմփաթին եւ խոր կապուածութիւնը: Եւ ես  այս պատումին  համար կ՛առաջարկեմ նոր անուն մը` պատկանելիութեան քաղաքականութիւն:

Այս գործի որոշ երեսներ կրնանք սկսիլ առանց սպասելու որեւէ իշխանափոխութեան: Համայնքներուն մէջ տեղակայուած քաղաքականութեան արժանիքներէն մէկն ալ այն է, որ դուն պէտք չունիս ազգային մեծ շարժում սկսելու: Սակայն պէտք է խոստովանիլ նաեւ, որ  այսպիսի ծրագրի որոշ  երեսներ կախեալ են քաղաքական աւելի լայն փոփոխութիւններէ:

Հիմա որպէս ընթերցող` կրնաք առարկել, որ այս բոլորը իմ վառ երեւակայութեանս խաղերն են եւ, հետեւաբար, անյուսալի երազ:

Բայց մեր շուրջ կան նաեւ գործող մոտելներ. մեծածաւալ լայն կամաւորական կազմակերպչական մոտելը յուսալի փոխակերպիչ մէկ օրինակ է: Մեծ ծախսերու, մեծ տուեալներու  եւ մեծ աշխատակազմի փոխարէն` մենք կրնանք յենիլ կամաւորներու լայն ցանցերու վրայ, որոնց  առաջին դերակատարութիւնը պէտք է ըլլայ նոր կամաւորներու  վերապատրաստումն ու վերահսկումը: Գումարներ հաւաքելու եւ պիւտճէ կազմակերպելու փոխարէն` պէտք է կեդրոնանալ մարդիկը կազմակերպելու գործին վրայ: Աշխատանքի այս մոտելը կենդանի փորձ է, որուն  մանրամասներութիւններուն մեծ մասը կը մշակուի գործի ընդմէջէն եւ գործի ընթացքին:

Պէտք է յիշենք, որ մարդիկ մեծ մասամբ տաղանդաւոր են ու նաեւ` պարտաճանաչ. եթէ մենք  իսկապէս իրենց տանք ռազմավարութեան վերահսկողութեան գործը, ապա այդ գործը կ՛իմաստաւորէ իրենց կեանքը. գործը կամաւորին դուրս կը բերէ իր անդամալուծուած ներաշխարհէն (ուր մենք բոլորս կը գտնուինք) դէպի այն աշխարհը, ուր մենք կ՛ուզենք ըլլալ: Այստեղ նպատակն է  իշխանութեան վրայ գտնուող մարդկիկը փոխարինել այլ մարդոցմով, որոնք իրապէս կը  ներկայացնեն ժողովուրդը: Ես, իրօք, կը հաւատամ, որ մարդիկ կ՛ուզեն մեծ բաներու վրայ աշխատիլ: Անոնք կ՛ուզեն իրենց ժամանակը տրամադրել մեծ եւ արժանի բանի մը վրայ, որ թերեւս կրնայ լուծել իրենց խնդիրները` ամրագրել հայրենիքի ապահովութիւնը, վերակառուցել տնտեսութիւնը, բարեփոխել քրէական արդարադատութեան համակարգը եւ դեռ ամբողջ փունջ մը այլ հարցեր:

Momentum- ի աջակցութեամբ աշխատելու մեթոտը դեռ իր մանկութեան մէջ է մեր  մօտ: Եթէ ունինք մեծ տեսլական, բայց չենք  կրնար հաւաքել այնպիսի մարդոց պազա, որոնք պատրաստ են աջակցելու այդ տեսլականին, ապա այդ տեսլականը չ՛ունենար ո՛չ հետեւորդներ, ո՛չ ալ զանգուածային ներգրաւուածութիւն:

Այն ատեն  պէտք է հրաժարինք մեր գաղափարներէն կամ հետապնդենք անիկա այլ կերպով, կամ ալ լրիւ ձգենք անիկա եւ հետեւինք ուրիշի գաղափարներուն: Մեր քաղաքական  արշաւը պիտի կարենայ էսթապլիշմընթին դէմ երթալ եւ երթալ աւանդական քաղաքական իմաստութեան դէմ, քանի որ մենք ֆինանսական մեծ միջոցներու տէր չենք: Շատ յաճախ մենք կը սպասենք հիմնադրամի, գումարներու յառաջացման կամ մեր գաղափարները հետապնդելու ատակ կազմակերպութեան մը ստեղծման… եւ, հետեւաբար, տեսլականը կը մնայ ամուլ: Մենք պէտք ունինք սեփական անդամներով առաջ մղուող, փոքր ծաւալի ֆինանսաւորումերով, շարժման ուղղուածութիւն ունեցող կազմակերպութեան:

Ճիշդ է, մենք` ՀՅ Դաշնակցութիւնը , ունինք կայուն անդամական հաստատութենական կառոյց, բայց մենք չունինք հանրային կայուն կառոյց, մեր գործին զանգուածային մասնակցութիւն ապահովող կառոյց:

Մենք այս նոր շարժման մղիչը պիտի ըլլանք: Մենք շարժման մղիչը չենք: Առայժմ: Միայն այն ատեն, երբ մենք յաջողինք գործով փաստել, որ կ՛աշխատինք բոլորին համար, կը խոստանանք լիարժէք կեանք ապահովել բոլորին, միայն այն ատեն է, որ կը բարելաւուի մեծ թիւով  մարդիկ ներգրաւելու հրամայականը :

Կազմակերպչական լայն մոտելի աջակցութեամբ, օգտագործելով հեռահաղորդակցական եւ հեռախօսային խմբակները եւ համակարգուած ձեւով դուռ թակելով` կարելի է աշխատիլ որեւէ հաւաքականութեան մէջ, այնտեղ, ուր որ կը պահանջուի անսակարկ ժողովրդավարութիւն:

Սակայն այստեղ նկարագրածս համապարփակ մեթոտներէն ոչ մէկը կրնայ յառաջացնել իմաստալից եւ երկարատեւ փոփոխութիւն, եթէ անիկա չօգտագործուի նոր, համաձայնեցուած քաղաքական պատումի հետ միատեղ:

Մարդոց մեծամասնութիւնը ընկերային ուղղուածութիւն ունի, ուրիշին հասկցող, համակիր այլասէր: Մարդոց մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ ապրիլ այնպիսի աշխարհի մէջ, ուր բոլորը յարգանքով եւ արժանապատուութեամբ կը վերաբերին իրարու հետ, եւ  ուր ոչ ոք  կը հարկադրուի ի զուր վատնել սեփական կեանքը կամ  բնութեան բարիքները: Բայց կայ մարդոց խումբ մը, որ օգտագործելով սուտը, ապատեղեկատուութիւնը, քաոսն ու  մտքերու խառնաշփոթը` կը փորձէ առեւանգել մեզ եզակի դարձնող համակեցութեան մեր բնածին միտումը: Եթէ մենք կարենանք զօրաշարժի ենթարկել լուռ մեծամասնութիւնը, ապա այս փոքրիկ փոքրամասնութիւնը չի կրնար մեզ կանգնեցնել: Բայց մենք տակաւին չենք կրցած հասկնալ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել. առաջին հերթին մենք պարտաւոր ենք  մեր յոգնած քաղաքական պատումերը փոխարինել փոխակերպման եւ վերականգնման նոր ու  գրաւիչ պատմութեամբ. մը մինչեւ այդ գործը չաւարտենք, մենք չենք կրնար գործի դնել մեր ներուժը: Երբ մենք կը վերափոխենք մեր երեւակայութիւնը, բացայայտենք գործելու մեր ուժի աղբիւրն ու ուղղութիւնը , ահա այն պահուն արդէն կը հասնինք այն կէտին, որ մեզ կանգնեցնելը կը դառնայ անկարելի:

Սթոքհոլմ,  22 փետրուար 2018

  1. Համայնքային, ընդհանուր հարստութիւնը ամբողջ աշխարհի նիւթական հարստութիւնն է հասարակութեան բոլոր անդամներու համար հասանելի մշակութային եւ բնական պաշարներն են, ներառեալ բնական նիւթերը, ինչպիսիք են` օդը, ջուրը հողը եւ սերմը, եւ` բնակելի Երկիրը: Այս պաշարները կը պահուին որպէս ընդհանուր, ոչ մասնաւոր: Մէկ խօսքով, բնութեան ամբողջ առատութիւնը կը համարուի  որպէս մարդկութեան ժառանգութիւն: Այստեղ ես կը ներառեմ նաեւ գիտութիւնն ու գիտելիքը` որպէս ընդհանուր հարստութիւն:, Այս համապարունակին մէջ կարելի է երթալ հռոմէական իրաւաբանական կանոններուն, ուր կը կիրարկուէր բոլորին համար հասկացողութիւնը,  ընդհանուրին համար օգտագործուող եւ բոլորին համար վայելելու, ի տարբերութիւն հանրային կառավարման, որ կը կառավարուի հանրային սեփականութիւն հանդիսացող գոյքի նկատմամբ:

 

Ծագումնաբանութիւնը Թուրքերին Գրաւում Է, Բայց` Վախեցնում

$
0
0

Թարգմանութիւնը` ԶԱՌԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ

Թուրք լրագրող Ֆեհիմ Թաշթեքինը, որը նախկինում գրել է «Ռատիքալ» եւ «Հուրրիէթ» թերթերի համար, յօդուած է հրապարակել մերձաւորարեւելեան խնդիրները լուսաբանող Al-Monitor կայքում: Նա անդրադառնում է Թուրքիայի բնակչութեան մատենավարութեան կայքի գործարկմանը, որտեղ մարդիկ կարողանում են ստուգել իրենց ծագումնաբանութիւնը: Սա Թուրքիայում բուռն քննարկման թեմա է դարձել, քանի որ շատ շատերը, որոնք իրենց համարում են զտարիւն թուրք, յանկարծ յայտնաբերում են իրենց հայկական, յունական, հրէական եւ այլ արմատները:

Այն օրերին, երբ Թուրքիան դեռ յոյս ունէր անդամակցել Եւրոմիութեանը, նրա ժողովուրդը աւելի պատրաստակամ էր քննարկել իր ցեղային եւ կրօնական ծագումը: Այդ ժամանակուանից ի վեր երկիրը վերադարձել է մի փուլի, երբ կառավարութեան ջանքերով մարդկանց պախարակում ու պիտակաւորում են որպէս «ծպտեալ հայեր»:

2004 թ. «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքը գրեց թուրքական ծագմամբ առաջին կին ռազմական օդաչու Սապիհա Կէօքչենի հայ ծնողների մասին: Իր այս եւ նմանատիպ այլ յօդուածների պատճառով Տինքին սկսեց հետաքննել արդարադատութեան նախարարութիւնը: Նա սպաննուեց 2007 թ., եւ պատճառների թւում այն էր, որ նա հայերին առնչուող հարցերի աշխուժ ջատագովն էր:

Տինքի պատմութիւնը ցոյց է տալիս, թէ ինչո՛ւ մինչեւ վերջերս Թուրքիայում բնակչութեան գրանցամատեանները գաղտնի էին պահում: Մարդկանց ծագման մասին տուեալների գաղտնիութիւնը համարւում է ազգային անվտանգութեան հարց:

Այս գաղտնիութեան համար երկու հիմնական պատճառ կար` թաքցնել փաստը, որ բազմաթիւ հայեր, ասորիներ, յոյներ եւ հրէաներ մահմետականութիւն էին ընդունել, եւ խուսափել «թուրք լինելու» մասին բանավէճերից:

Երկար ժամանակ պաշտօնական քաղաքականութիւնն այն էր, որ Թուրքիայում թուրքերը միասնական ցեղային ինքնութիւն են ձեւաւորել: Սակայն երկու շաբաթ առաջ` փետրուարի 8-ին, հանրութեան համար պաշտօնապէս բացուեց բնակչութեան մատենավարութիւնը` ծագումնաբանական տուեալների առցանց շտեմարանի միջոցով http://www.hurriyetdailynews.com/turkeys-genealogy-service-prompts-spike-in-double-citizenship-enquiries-127488 : Կայքը մեծ թուով օգտատէրերի պատճառով անհասանելի դարձաւ: Որոշ մարդիկ, ովքեր միշտ պարծենում էին իրենց «մաքուրէ թուրքական ծագմամբ, ցնցուած էին` իմանալով, որ իրականում ցեղային եւ կրօնական այլ արմատներ ունեն:

«կը բացայայտուեն ծպտեալ հայերը, յոյներն ու հրեաները», «դաւաճաններն ի վերջոյ կ՛իմանան իրենց ծագումը»յայտարարութիւնները սովորական դարձան ընկերային կայքերում:

Թուրքական հասարակութեան մէջ ծագումնաբանութիւնը մշտապէս ոչ միայն արդիական թեմա, այլեւ ընկերային եւ քաղաքական բաժանման գործիք է եղել: Ընտանիքները յաճախ ընդունում էին իրենց հայկական ծագումը, կամ այն, որ իրենց հեռաւոր ազգականը իսլամ է ընդունել, բայց այդ խօսակցութիւնները միշտ գաղտնի էին պահւում: Թուրքիայում կրօնափոխ լինելը խարան էր, որը չի կարող ջնջուել:

Ազգութեամբ հայ սիւնակագիր Հայկօ Պաղտատը Al-Monitor-ին ասել է. «1915 թուականի ցեղասպանութեան ընթացքում զանգուածային կրօնափոխութիւնների հետ միաժամանակ աքսորւում էին հազարաւոր երեխաներ: Նրանք, ովքեր կարողանում էին օտարերկրեայ միսիոնարներին հասնել, փրկւում էին արտերկրում, իսկ ոմանց էլ գողանում էին թափառող աւազակախմբերը, դարձնում հարճեր կամ ստրուկներ: Հասարակութիւնը դեռ պատրաստ չէ բախուել այս իրականութեան հետ: Պատկերացրէք, որ մի մարդ, ով այս երկրի կրօնական գործերի ղեկավարն է եղել [Լութֆի Տողանը], 1915-ից յետոյ հայոց պատրիարք ծառայած [Սինոզկ գալուստեանի] եղբայրն է:

Նա շարունակում է. «1961 թ. Պէյրութից Թուրքիա վերադարձած գալուստեանը յիշւում է հայոց պատրիարքարանում որպէս սուրբ եւ որպէս մէկը, ով պատրիարք է եղել 1915-ից յետոյ դժուարագոյն ժամանակներում: Ցեղասպանութեան ժամանակ մայրը երեխաներին հեռու է ուղարկում եւ ընդունում իսլամ: Հետագայում նա ամուսնանում է Տողան անունով մարդու հետ, որը ընկերային բարձր դիրք ունէր, եւ ունենում է երկու աղջիկ ու մի տղայ: Տղան Լութֆի Տողանն էր»:

Հասարակութեան մտածելակերպը շատ յստակ էր: Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ինքը մի անգամ ասաց. «մեզ մեղադրում են հրեաներ, հայեր կամ յոյներ լինելու մէջ»:

Կան մարդիկ, ովքեր վախենում էին, որ բնակչութեան մատենավարութիւնից ձեռք բերուած տուեալները կարող են օգտագործուել յայտնիներին եւ քաղաքական գործիչներին խարանելու կամ  լինչի դատաստանի ենթարկելու համար: Տուեալների շտեմարանը փակելուց յետոյ նրանք հանդէս եկան դրա վերականգնման դէմ: Նրանցից մէկը Թայֆուն Աթայն էր` «Ճումհուրիյէթ» թերթի սիւնակագիր:

«Ինձ ընկերաբար խորհուրդ տուեցին չընդունել, որ ես վրացի եմ: Դա ճնշման ամենամեղմ ձեւն էր: Իսկ ինչ կը լինի այն անձանց հետ, ովքեր  իմանում են, որ հայկական կամ կրօնափոխ արմատներ ունեն: Պարզապէս պատկերացրէք` դու համոզուած ես, որ կարմրարիւն թուրք ես, բայց պարզւում է` զտարիւն հայ ես: Պատկերացրէք հասարակական հետեւանքները»,  գրել է նա փետրուարի 12-ին:

Բանավէճը թէժանալուն պէս համակարգը յանկարծ վերականգնուեց փետրուարի 14-ին: Շատ թուրքեր տարակուսում են, թէ ինչո՛ւ այդ տեղեկատուութիւնը հէնց այս ժամանակահատուածում մատչելի դարձաւ:

«Եթէ նրանք մի քանի տարի առաջ դա անէին, երբ մենք [աւելի հանդուրժող էինք դառնում], դաւադրութեան տեսութիւնները չէին լինի այնքան ուժեղ, որքան այսօր, երբ պետութիւնը իրեն պահում է այնպէս, կարծես մենք գոյութենական վտանգի տակ ենք: Ահա թէ ինչպէս է Թուրքիան վերակենդանացնում անկախութեան պատերազմի ոգին` հայրենասիրութիւն եւ իշխանամէտ մտածողութիւն ներշնչելու համար», Al-Monitor-ին յայտնում է լրագրող Սերտար Քորուճուն:

Նրանք, ովքեր դէմ են այս համակարգին, վախենում են, որ հասարակութիւնն աւելի կը խրուի ցեղապաշտութեան մէջ: Միւսները, սակայն, ասում են, որ չնայած ցնցող իրականութեանը` այն կարող է օգտակար լինել ցեղապաշտութեան վերացման հարցում:

«Այո՛, միանշանակ: Թուրքիայում ամէն ոք հետաքրքրուած է իր նախնիներով: Դա փաստ է, – ասում է Քորուճուն: – Ինչո՞ւ է այդքան դժուար իրականութեան աչքերին նայելը»: Նա ասում է,որ Սապիհա Կէօքչենի պատմութիւնը երկիրը տակնուվրայ արեց:

2013 թ.  «Ակօս»-ը տեղեկացրեց, որ իշխանութիւնները բնակչութեան մատենավարութեան մէջ գաղտնի ծածկագրում են փոքրամասնութիւններին` յոյները` 1, հայերը` 2 եւ հրեաները` 3 թուերով: Գաղտնի այս դասակարգումը խիստ վրդովմունք առաջացրեց:

«Սակայն աւելի վատ է այն, որ այդպիսի փաստերն ի յայտ են գալիս, երբ երիտասարդներին պէտք է տեղեկացնել զօրակոչի մասին: Կարճ ասած` կան մարդիկ, ովքեր մեզ աւելի լաւ են ճանաչում, քան` մենք ինքներս: Եւ ինչո՞ւ մեզ չասեն այդ մասին»:

«Բնակչութեան մատենավարութիւնը վտանգաւոր է,- նշում է սիւնակագիր Պաղտատը:- Այսպիսին է իրավիճակը 100 տարի յետոյ: Թուրքական պետութիւնը մեզ խնդրել է ընդունել թուրք լինելը: Լա՛ւ, ենթադրենք, ես ասում եմ` ես թուրք եմ: Ինձ պետական աշխատանքի կ՛ընդունէ՞ք: Ո՛չ: Երբ ասում եմ` «Ո՛չ, ես հայ եմ», ահաբեկիչ եմ համարւում:  Ոչինչ չի փոխուել, բնակչութեան մատենավարութեան բացումը ոչինչ չի նշանակում ինձ համար: Ինչպէ՞ս կարող ենք մոռանալ Թուրքիայի պատմական ընկերակցութեան տնօրէն Եուսուֆ Հալաչօղլուի մասին: 2007թ. նա բացայայտօրէն սպառնացել էր.

«Մի՛ զայրացրէք ինձ, ես ունեմ կրօնափոխների ցուցակներ, որոնք կարող եմ բացայայտել` մինչեւ նրանց հասցէները»: Այդ մարդը հետագայում դարձաւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան քաղաքական գործիչ:

Արդեօք ներկայում հրապարակայնօրէն հասանելի մատենավարութեան տեղեկատուութիւնը ամբողջակա՞ն է:

Մէկ այլ ազգութեամբ հայ, լրագրող Երուանդ Օզուզունը կասկածներ ունի. «Մենք չգիտենք, թէ արդեօք ինչ-որ բան փոխուե՞լ է: Գիտենք, որ մատենավարութեան մէջ ծածկագրերով են նշուել տարբեր ցեղային ծագումները: Մենք` հայերս, նշւում էինք թիւ 2 ծածկագրով: Արդեօք սա փոխուե՞լ է: Ես այդպէս չեմ կարծում»:

Կառավարութեան պաշտօնեաները ոչինչ չեն ասում:

 

 

Էրտողան Սպառնալիք Է Աշխարհի Համար. Պէտք Է Կանգնեցնել Զայն, Քանի Տակաւին Ուշ Չէ

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Յարութ Սասունեան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը մեծ սպառնալիք դարձած է իր սեփական ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ` շատերու համար: Վերջին տարիներու անոր գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները պէտք է լրջօրէն անհանգստացնեն անոր դրացիներն ու ամբողջ աշխարհը:

Միջազգային հանրութեան կողմէ անտեսուած վերջին բռնակալը ցեղասպան դահիճ Ատոլֆ Հիթլերն էր, որ սանձազերծեց Բ. Համաշխարհային պատերազմը` ներխուժելով տասնեակ երկիրներ եւ սպաննելով միլիոնաւոր մարդիկ: Ցաւօք, արեւմտեան ղեկավարները կը փորձեն գոհացնել Էրտողանը` անով իսկ ստեղծելով հրէշ մը… Տարօրինակ է, որ իսլամական աշխարհի մէջ ոմանք յարգանքով կը վերաբերին անոր հետ, իսկ արեւմտեան շարք մը երկիրներ Թուրքիան կը համարեն իրենց գլխաւոր դաշնակիցներէն մէկը: Աւելի վատը այն է, որ Ռուսիա եւս կը փորձէ իր կողմը տանիլ Էրտողանը` Արեւմուտքէն եւ ՕԹԱՆ-էն հեռացնելու համար զայն:

Էրտողանի անհաւասարակշիռ հոգեվիճակին մէկ վառ օրինակն է անոր հրապարակային տարօրինակ յայտարարութիւնը, որ տեղադրուած է Թուրքիոյ նախագահի կայքին վրայ` «Թուրքիա արդարութեան համար համաշխարհային պայքարի դրօշակիրն է» վերնագիրով:

Առողջ դատողութեամբ ոեւէ մէկը նման խաբուսիկ յայտարարութիւն մը չէր ըներ: Թուրքիա վերջին երկիրն է, զոր կարելի է բնութագրել որպէս «արդարութեան համար համաշխարհային պայքարի դրօշակիր»: Ինչպէ՞ս կրնայ Էրտողան այսպիսի յայտարարութիւն մը կատարել, երբ հարիւրաւոր լրագրողներ եւ տասնեակ հազարաւոր փրոֆեսէօրներ, փաստաբաններ, դատաւորներ եւ հանրային աշխատողներ բանտարկուած են: Բացի թուրք ժողովուրդին նկատմամբ ներկայ անարդարութիւններէն` Էրտողան կը հերքէ նաեւ անցեալի զանգուածային անարդարութիւնները, ինչպէս` հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնները:

Փետրուարի սկիզբը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Էսքիշեհիրի նահանգային խորհրդարանին մէջ Էրտողան անամօթաբար յայտարարեց. «Թուրքիա նաեւ արդարութեան համար համաշխարհային պայքարի դրօշակիրն է: Թուրքիա ապահով ապաստան է ճնշուածներու եւ մղձաւանջ` ճնշողներու համար»: Եթէ Թուրքիա այսպիսի «ապահով ապաստան» է, ապա ինչո՞ւ բազմաթիւ թուրքեր կը փորձեն փախչիլ երկրէն եւ ապաստան խնդրել Եւրոպայի մէջ: Ինչո՞ւ թրքական կառավարութիւնը ձերբակալման հրաման կու տայ փախչողներուն դէմ եւ ճնշում կը գործադրէ եւրոպական երկիրներու վրայ` թուրք լրագրողներ, մտաւորականներ եւ իրաւապաշտպաններ Թուրքիոյ յանձնելու համար:

Ինքզինք կարգելով համաշխարհային ղեկավար, Էրտողան լայն ցանց մը նետած է` առատ միջամտութիւններ ընելով հեռու ու մօտիկ երկիրներու ներքին գործերուն. «Թուրքիա յոյսի աղբիւր է Խրիմի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, Թուրքիստանի (թրքական ժողովուրդ` Կեդրոնական Ասիոյ մէջ) ճնշուածներուն եւ Կովկասի, Սարայեւոյի եւ Ափրիկէի մեր ընկերներուն համար»: Շարունակելով` ան կը պնդէ. «Եթէ մենք սայթաքինք, ապա Քուտսը (Երուսաղէմ) կ՛իյնայ, Պաղեստինը, Ռախինը (շրջան` Միանմարի մէջ) եւ Սոմալին կ՛իյնան»:

Էրտողանի ամպագոռգոռ ելոյթէն քանի մը օր անց, թուրք ընդդիմադիր լրագրող Ուզայ Պուլութ քննադատական մեկնաբանութիւն մը գրեց «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի մէջ` «Թուրքիոյ` բռնութեան երանգներով արտաքին քաղաքականութիւնը» վերնագիրով:

Ուզայ յիշեցուցած է ընթերցողներուն, որ` «Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հսկայական տարածքներու բռնագրաւումը եւ իսլամութեան նուաճման դրօշը տակաւին ազդեցութիւն ունին Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վրայ, ներառեալ` անոր յափշտակութիւններն ու ցեղային զտումները»:

Յայտնի թուրք մեկնաբանը յատկապէս յիշատակած է Էրտողանի միջամտութեան քաղաքականութիւնը հիւսիսային Սուրիոյ (Աֆրին) եւ Կիպրոսի մէջ: Ուզայ նշած է, որ Թուրքիա 1974-ին յափշտակելով Հիւսիսային Կիպրոսը` ներկայիս կը սպառնայ Կիպրոսի մնացած հատուածին: Էրտողան ըսած է. «Կիպրոսի քաջութիւնը կը շարունակուի միայն այնքան, որքան կիպրացիները տեսնեն մեր բանակը, նաւերն ու օդանաւերը»: Փաստօրէն Թուրքիա անտեսած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի տասնեակ բանաձեւերը, որոնք կը պահանջեն թրքական զօրքերու հեռացումը հիւսիսային Կիպրոսէն:

Էրտողան նաեւ նախազգուշացուցած է եւրոպական ընկերութիւնները, որոնք կազի հանքավայրեր կը հետազօտեն Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածի եւ Կիպրոսի տարածքային ջուրերուն մէջ: Փետրուարի սկիզբը Ուզայ գրած էր. «Թրքական ռազմանաւերը արգելափակած են իտալական ENI ուժանիւթի ընկերութեան պատկանող նաւասարքը` Կիպրոսի ջուրերուն հասնելու եւ կազի հետազօտման աշխատանքները սկսելու համար»:

Էրտողան խոստովանած է իր յափշտակիչ քաղաքականութիւնը` զուգահեռներ գծելով Աֆրինի, Կիպրոսի եւ Եգէական ծովու յունական կղզիներուն միջեւ, որոնք յաճախ թիրախ կը դառնան թրքական սպառնալիքներու եւ պահանջներու: Էրտողան լկտի կերպով յայտարարած է. «Մեր իրաւունքները նոյնն են ինչպէս Աֆրինի, այնպէս ալ Եգէական ծովու եւ Կիպրոսի մէջ: Երբեք չմտածէք, որ բնական կազի հետազօտումը Կիպրոսի ջուրերու եւ շահագործման փորձերը Եգէեան ծովուն մէջ` դուրս կը մնան մեր ռատարներէն»:

Թուրք միապետին գլխաւոր խորհրդականներէն Եիկիթ Պուլութ, աւելի ծայրայեղ քայլերու դիմելով` յոխորտանքով սպառնացած է Յունաստանի` կապուած վերջինիս Իմիա կղզիին, զոր թուրքերը կ՛անուանեն «Քարտաք»: Ան սպառնացած է` ըսելով. «Աթէնքը պիտի արժանանայ Թուրքիոյ ցասումին, աւելի քան` Աֆրինը: Մենք կը կոտրենք ձեռքերն ու ոտքերը վարչապետին (Յունաստանի) եւ ոեւէ նախարարի, որոնք կը համարձակին ոտք դնել Եգէական ծովու Քարտաք կղզին: Այս տարածաշրջանին մէջ չկայ զինուած ուժ մը, որ կարենայ դիմակայել թրքական զինուած ուժերը: Այնպէս որ, բոլորը պէտք է իրենց տեղը գիտնան: Բոլոր կայսերապաշտները կը համաձայնին, որ այս հողին վրայ բոլորը թուրքեր են, եւ այս հողին վրայ ապրող ազգը իսլամական «ումմա» (ազգ) է, եւ անոնք կը համբուրեն այն ձեռքը, զոր չեն կրնար կտրել»:

Մեկնաբան Ուզայ տեղեկացուցած է, որ Էրտողանը անձամբ սպառնացած է Կիպրոսին` մէկ այլ ռազմական ներխուժումով. «Ճիշդ այնպէս, ինչպէս մենք խափանեցինք դաւադրութիւնները (Սուրիոյ մէջ) «Եփրատի վահան» եւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն միջոցով, եւ շուտով` Մանպիճ եւ այլ շրջաններու մէջ, այնպէս ալ կրնանք եւ կը խափանենք դաւադրութիւնները բոլոր անոնց, որոնք սխալ հաշիւներ կ՛ընեն մեր հարաւային սահմաններուն գծով: Մեր ռազմածովային եւ օդային ուժերը աչալուրջ կերպով կը հետեւին տարածքին` որեւէ պահու միջամտելու համար»:

Թուրքիոյ դրացիները պէտք է տեղեակ ըլլան, որ Էրտողանը մտադիր է վերականգնելու օսմանեան տարածքները: Ան բացայայտօրէն սպառնաց. «Անոնք, որոնք կը կարծեն, որ մեր սիրտերէն ջնջած ենք այն հողերը, որոնցմէ մենք հարիւր տարի առաջ հեռացած ենք արցունքոտ աչքերով, չարաչար կը սխալին»:

Իր յօդուածի աւարտին Ուզայ արդարացիօրէն կը մատնանշէ, որ հիմնականին մէջ արեւմտեան երկիրներն են պատասխանատու` Էրտողանի չվերահսկուող վարքագիծին. «Միջազգային անտարբերութիւնը` ի պատասխան թրքական յարձակողապաշտութեան, կը խրախուսէ Էրտողանը` Արեւմուտքի այսպէս կոչուած «դաշնակից» նախագահին, սպառնալու Կիպրոսին ռազմական յարձակումով մը եւս… Այն, ինչը թոյլ կու տայ Էրտողանին` ազատօրէն ճախրելու իր ահաբեկող հռետորաբանութեամբ եւ մշտական թշնամանքով, Արեւմուտքի ակնյայտ թուլութիւնն  ու շփոթանքն են` թրքական բռնազբօսիկ գերակայութեան դիմաց»:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Ուխտի Ճանապարհներ. Այց` Մեսրոպ Մաշտոցի Դամբարան

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Հայրենիք այցելողիս համար ամենատեսարժան պատմական վայրերէն էր Օշական գիւղը, որուն եկեղեցիի խորանին տակ առյաւէտ կը հանգչի մեր ժողովուրդի ինքնութիւնն ու գոյատեւումը ապահովող տառերու գիւտարար Մեսրոպ Մաշտոցը:

Նախնական կրթութեան վերջին տարիներուն մեր ազգային վարժարանի կրօնի ուսուցչուհին պատմած էր, որ Նոյ  նահապետն ու անոր ընտանիքը, երբ Մասիսի գագաթէն կ՛իջնեն, կը տեսնեն Օշականը` ջուրէն ազատած եւ կը բացագանչեն. «Օշական», որ կը նշանակէ` «Երանի մեր աչքերուն»: Իսկ հայոց պատմութեան դասերէն իմացած էինք, որ Մեսրոպ Մաշտոցի մահէն ետք Վահան Ամատունի իշխանը իր ուսուցիչի դին կը փոխադրէ Օշական, ուր երեք տարի անց անոր գերեզմանին վրայ մատուռ կը կառուցէ, որ ապա կը վերածուի գմբէթաւոր կլոր եկեղեցիի:

Հետաքրքրութենէ մղուած` կարդալով իմացած էի, որ 336-ին մազդէաց Սանեսան թագաւորին դէմ կռիւներուն ցուցաբերած սխրագործութիւններուն համար հայոց Արշակունի թագաւոր Խոսրով Բ. Կոտակ Օշականը ընծայած էր Վահան Ամատունիին:

Յուշերուս յաջորդեց խոհերու շարան մը` դարաւոր մեր ազգային մշակոյթի տարրերուն վերաբերեալ, երբ մօտեցայ եկեղեցիի խորանին տակ ուղղանկիւն թաղածածկ խուցի մէջի Մաշտոցի դամբարանին` ծաղկեփունջս վրան դնելու:

Ազգեր կան, որոնց կեանքին մէջ նիւթը մեծ դեր կատարած է, ինչպէս` շոգեշարժ մեքենայի գիւտը, հանքածուխը, քարիւղը եւ այլն: Ընհակառակը, մեր ժողովուրդը, բնական հարստութիւններէն աղքատ երկրի մը մէջ, պայքարած է դաժան կլիմայի մը դէմ, որ իրեն տուած է զօրաւոր նկարագիր մը` հոգեկան կարողութիւններով օժտուած: Մեր պատմութիւնը, մշակոյթը կերտած ենք` օգտուելով մեր ցեղային ընդունակութիւններէն: Թաքուն այդ ուժերն են, որոնք ղեկավարած են մեր ժողովուրդի խաղաղ աշխատանքը եւ ինքնապաշտպանութեան կռիւը` թշնամի ազգերու դէմ:

Ազգեր կան, որոնք անկախ դարձած են` առանց հին կամ նոր քաղաքակրթութիւն ունենալու: Ընդհակառակը, հայերս մեր հայրենիքն ու անկախութիւնը պաշտպանած ենք բազմազան խոչընդոտներու դէմ` իբրեւ մնայուն դաշնակից ունենալով մեր մտաւոր ընդունակութիւններն ու բարոյական եւ հոգեկան կարողութիւնները: Դեռ աւարտած չէ մեր հայրենիքի ամբողջացումի եւ անոր զաւակներուն ազգահաւաքումի գործը: Անտարակոյս դառնալու ենք մտաւոր եւ հոգեկան կարողութիւններով մէկ զանգուած:

Խոհերս ընդհատեց կնոջս կրկնակի կանչը` ուրիշ հաճելի անակնկալի մը հրաւիրելով զիս: Եկեղեցիէն դուրս, աջ կողմը հիացայ ի տես մեր այբուբենի 36 խաչքար-տառերու պուրակին:

 

 

 

Ղարաբաղեան Շարժումի 30-ամեակ

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Եզրակացութիւն.

1) Հայկական հողերու ազատագրութեան դատը միշտ եղած է համայն հայութեան քաղաքական ու անզիջելի գերագոյն նպատակը: Ահա թէ ինչո՛ւ համայնավար վարչակարգի խստագոյն պայմաններուն տակ իսկ հայ ժողովուրդը երբեք չդադրեցաւ ղարաբաղեան հարցը արծարծելէ եւ պահանջելէ, որ Ստալինի ապօրէն կարգադրութիւնը սրբագրուի:

2) Ղարաբաղեան շարժումը սկզբնական օրերուն հաւատաց Կորպաչովի վերակառուցման լոզունգին եւ ուզեց ժողովրդավար ու օրինական  կարգով սրբագրել ստալինեան ապօրինութիւնը: Սակայն յաջորդող դէպքերը անդրադարձնել տուին, որ պէտք է ապաւինիլ սեփական ուժերուն: Կազմակեպուեցաւ, ստեղծեց պետութիւն ու բանակ եւ իրեն պարտադրուած պատերազմին մէջ արձանագրեց յառաջխաղացք  ու յաղթանակ: Իսկ քաղաքական ու դիւանագիտական ճակատի վրայ յաջողեցաւ ունենալ ինքնուրոյն վարքագիծ եւ գէթ մինչեւ հիմա թոյլ չտուաւ, որ Ղարաբաղի խնդիրը խաղաքարտ դառնայ ուրիշ հաշիւներու կամ շահերու:

3) Ղարաբաղի հարցը քանի մը առիթներով օրակարգի հարց դարձաւ ՄԱԿ-ի մէջ, որ իր կարգին անոր կարգաւորումն ու լուծումը վստահեցաւ  Եւրոպայի ապահովութեան ու համագործակցութեան կազմակեպութեան (ԵԱՀԿ): Մինչեւ հիմա բանակցութիւնները կը կատարուին անոր միջնորդութեամբ: Հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը ցարդ աչալուրջ է, որ պարտադրուած պատերազմի ճակատներուն վրայ շահուած փառաւոր յաղթանակը  անփառունակ չկորսուի դիւանագիտական խաղերու ու խարդաւանանքներու պատճառով:

4) Իրողապէս գոյութիւն ունի եւ ինքզինք հաստատած է Արցախի պետութիւնը, որ ստեղծուած է ժողովրդային հանրաքուէով, սակայն անիկա տակաւին ճանաչումի չէ արժանացած միջազգային հանրութեան կողմէ:

5) Երկու պետութիւն ունենալու գաղափարը անհարազատ է հայ քաղաքական մտքին համար: Սակայն նկատի առած ազգերու ինքնորոշման միջազգային իրաւունքը եւ սահմաններու անփոփոխելիութեան մասին միջազգային համաձայնագիրները` ուրոյն պետութիւն ունենալու տարբերակը հնարաւոր լաւագոյն միջոցը կը համարուի Արցախի դատին համար, երբ մանաւանդ ծանօթ նախընթացը կայ, որ Խ.Միութեան եւ Եուկոսլաւիոյ տարանջատումով, զանոնք բաղկացնող ազգային միաւորները մէկը միւսին ետեւէն անկախութիւն հռչակեցին եւ ճանաչումի արժանացան:

Արցախի շրջակայքը. (յաւելուած)

Լաչինի անցքը. Գորիսէն անդին, Լաչինի անցքէն ետք Արցախն է: Ճամբուն վրայ կը գտնուի Ծիծեռնավանքը, կառուցուած` 5-րդ դարուն: Ուրիշներու կարգին կայ նաեւ Վարազկոմ եկեղեցին (9-11 դար), որ աւերակ վիճակի մէջ իսկ սքանչելի նմուշ մըն է հայկական ճարտարապետութեան: Արցախի հարիւրաւոր հին եկեղեցիներն ու վանքերը, ինչպէս նաեւ հազարաւոր յուշարձանները արդէն խօսուն վկաներն են շրջանի հայապատկանութեան:

Շուշի. Կառուցուած է մեծազանգուած ժայռի մը վրայ: Իր բարձր դիրքով ազերիներուն զինուորական ամէնէն զօրաւոր կեդրոնն էր, ուրկէ անխնայ կը ռմբակոծուէին հայկական գիւղերն ու քաղաքները: Ներքեւը կայ Քարինտակ կոչուող գիւղը, որ ռմբակոծուելուն պատճառով մեծաթիւ զոհեր տուաւ պատերազմի ընթացքին: Շուշիի հերոսական ազատագրումը ճակատագրական եղաւ պատերազմի ելքին մէջ` ի նպաստ հայկական կողմին: Գրեթէ միակ քաղաքն էր, որուն բնակչութիւնը խառն էր ազերիներէ ու հայերէ բաղկացած: Նախապէս Ազրպէյճան յատուկ ծրագիրով ճիգ տարած էր, որ քաղաքը բնակուի ազերիներով` անոր զինուորական անառիկ դիրքէն օգտուելու համար, երբ պատերազմական վիճակ ստեղծուէր… Գլխաւոր եկեղեցին Ղազանչեցոց եկեղեցին է, կառուցուած` 19-րդ դարու երկրորդ կէսին:

Ստեփանակերտ (Ասկերան). Արցախի մայրաքաղաքը: Յարաբերաբար` նոր քաղաք մը, եւ զայն շրջապատող բարձունքին կը գտնուի յուշարձան մը` «Մենք մեր լեռներն ենք» խորհրդանիշ բացատրութեամբ: Աւելի ծանօթ`  «Մամիկն ու պապիկը» անունով: Ստեփանակերտէն 15 քմ հեռաւորութեան վրայ կայ Ասկերան բերդը:

Գանձասար. Կոչուած է Գանձասար վանքին անունով: Լերան մը գագաթին կը գտնուի Կաչաղակաբերդի աւերակները: Հոն են նաեւ Ս.Գէորգի վանքը (16-րդ դար) եւ Ս. Յովհաննու Մկրտիչ եկեղեցին, տեղացիները կը հաւատան, որ անոր տակ թաղուած է Յովհ. Մկրտիչի գլուխը:

Մարտունի. Քաղաքը ունի մշակութային կեդրոն, որ կը կոչուի օփերա, քանի որ Երեւանի օփերայի կառոյցին շատ կը նմանի:

Շրջանին մէջ կայ 4 եկեղեցիներու համալիր մը, կառուցուած` 5-13-րդ դարերուն:  Մօտակայքը կը գտնուի 2000 տարեկան ծառ մը, որ կը կոչուի Սխտորաշէն:

Հադրութ.  Անտառապատ լեռներով` գեղեցիկ շրջան մը: Հոն կը գտնուի Կչավանքը, (13-րդ դար), որ սքանչելի տեսարան ունի եւ կը նկատուի Արցախի գաղտնիքները պահող: Կառուցուած է «Շա՜տ, շա՜տ գէշ ժամանակներուն, երբ մոնկոլները ամէն ինչ կը քանդէին…»:

Մարտակերտ. Ռազմական կարեւոր ու ջրառատ շրջան մը: Նշանաւոր է անառիկ դիրքով Ջրաբերդը, որուն յիշատակութիւնը կայ 7-րդ դարէն: Հոնկէ կ՛երեւայ «Երից մանկաց» վանքը` հիանալի տեսարանով ու ճարտարապետութեամբ, կառուցուած` 17-րդ դարու վերջաւորութեան: Ներկայիս կարելի չէ այս շրջանը այցելել` զինուորական գօտի ըլլալուն պատճառով:

Ծանօթութիւն.  Արցախին մաս կը կազմէ նաեւ Շահումեանի շրջանը, որ պատերազմի առաջին օրերուն վայրագ յարձակումներու ենթարկուեցաւ ազերիներէն: Անմեղ բնակչութիւնը բազմաթիւ զոհեր տալով` փախուստի դիմեց ու գաղթական դարձաւ: Շահումեանը ազերիներու գրաւման տակ է:

Արցախը հարուստ է պատմական բազմաթիւ յուշարձաններով, եկեղեցի-մատուռներով, խաչքարերով, բերդերով, գերեզմանատուներով եւ այնպիսի արձանագրութիւններով, որոնք ամէնէն կասկածամիտ մարդն ալ կը համոզեն, որ շրջանը անբաժանելի մասը կազմած է Հայաստանին: Մեր վերի թուածները շատ աննշան, հազիւ թէ չնչին գաղափար մը կու տան գոյութիւն ունեցող յուշարձաններու մասին: Դարերու ընթացքին, բացի հողամշակութենէն, Արցախի մէջ զարգացած են ճարտարապետութիւնը եւ գորգագործութիւնը, որոնք կը շարունակուին մինչեւ այսօր:

Վերջաբան.  Ներկայիս Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները զիրար կ’ամբողջացնեն եւ պայմանաւորուած են իրարմով` միեւնոյն արմատէն ծնած-աճած երկու ծառերու նման: Ապագային համար սակայն, անխուսափելի է երկուքին միաւորումը:

(Շար. 5 եւ վերջ)

Աթէնք, 18 փետր. 2018


100-ամեակը Դիմաւորել . Հարիւրամեակին Պիտի Քննե՞նք Մշակոյթի Եւ Ինքնութեան Մոռցուող Խնդիրները

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ազգի մը քաղաքականութիւնը ամբողջ մըն է` ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ: Ամէնէն տեսանելիները պատերազմներն են, միջազգային յարաբերութիւնները, զանազան ընտրութիւնները եւ տնտեսութիւնը:

Բայց ամէն օր չի խօսուիր մշակոյթի եւ ինքնութեան մասին, նկարագրային ADN-ի (molécule support de l’information génétique héréditaire), որ անձին եւ ազգին ինքնութեան ժառանգական ծինայինը լրացնող յատկութիւնն է մշակոյթը, բնորոշ իւրայատկութիւնները մշակոյթին մէջ կը գտնուին: Երբ ազգ մը հրաժարի կամ կորսնցնէ իր մշակոյթը եւ ինքնութիւնը, կը դադրի որպէս այդպիսին գոյութիւն ունենալէ, կը բազմացնէ ուրիշ ազգ մը:

Անդրանիկ հանրապետութիւնը երբ կը կազմաւորուէր, հակառակ անելանելի պայմաններու մէջ գտնուելուն, մինչ այդ գաւառական տարածք,աշխարհագրական բացատրութիւն դարձած երկրին մէջ կը հիմնուէր Հայաստանի համալսարանը: Այսօր որպէս սոսկ տեղեկութիւն կ’իմանանք, որ համալսարան չունէինք եւ ունեցանք:

Յանդուգն նախաձեռնութիւնը այսօր ալ մտածելու կը մղէ, քանի որ գործնապաշտներ կրնան այդ պերճանք համարել, երբ կային սովահար բազմութիւններ, համաճարակներ,  թշնամին նստած էր սահմանին վրայ: Ի. դարու սեմին եւ մինչեւ այսօր ինչպէ՞ս կրնար ինքնութիւն պահել եւ զարգանալ ժողովուրդ մը, եթէ չունենար իր միտքի սեփական աղբիւրը եւ շարունակէր սնանիլ օտար եւ օտարացնող աղբիւրներէ:

Մեծ իմաստութեան կարիք չկայ տեսնելու համար, թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ մարդիկ կը սնանին միայն օտար աղբիւրներէ ստացուածով:

Այդ սնունդի բացակայութեան պատճառով կորսուած են մեծ թիւով հայեր, որոնց մասին երբեմն կը խօսուի եւ կը գրուի, բայց կարծէք չենք անհանգստանար, ճակատագրապաշտութեամբ կ’ընդունինք կացութիւնը:

Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութիւնը կը փորձէր ապրիլ, տեւել, հայրենիք եւ ժողովուրդ պահել, երբ զինք անհետացնելու համար դաշնակցած էին ներքին եւ արտաքին ուժեր.թուրքերը, իր կայսրութիւնը վերահաստատելու միտող Ռուսիան եւ նոյնինքն Հայաստանի մէջ թափ առած համայնավար շարժումը: Յիշել 1920-ի մայիսեան խռովութիւնները, որոնք արդէն վատուժ երկիրը քիչ մը աւելի կը տկարացնէին: Բայց ապագայատես մարդիկ այդ պայմաններուն մէջ կը հիմնէին հայկական համալսարան, այսօր գործնապաշտ իմաստուններ պիտի ըսեն` երազապաշտութիւն, անիրատեսութիւն:

Միշտ պէտք է հարց տալ, թէ ինչպէ՛ս ազգ մը կրնայ տոկալ եւ տեւել ինքնուրոյնաբար:

Թուական մը, զոր հրապարակային ձեռնարկներով եւ հանդիսութիւններով չենք տօներ, զանգուած չենք հաւաքեր, Հայաստան եւ սփիւռքներ:

16 մայիս 1919:

Օրերը կու գան եւ կ’անցնին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ո՛չ պատարագ կը մատուցուի, ո՛չ ալ դպրոցները փակ կը մնան: Երեւան, Պէյրութ, Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս, Փարիզ, եկեղեցիի մը բակը, գեղակառոյց սրահի մը մուտքին կանգնեցէք` եւ ձեռնարկ կազմակերպողներուն եւ հանդիսատեսներուն հարցուցէ՛ք, թէ ի՞նչ բան կը յիշեցնէ 16 մայիս 1919-ը: Նոյնը հարցումը կրնաք ուղղել բազմապատիկ եւ բազմապատկուող խորհրդաժաողովներու մասնակիցներուն, սփիւռք(ներ)ի վարչականներուն եւ նախագահներուն: Նման խոյզի մը թիւերը եւ տոկոսները եթէ հրապարակուին, ինքնաճանաչման ցուցանիշ կ’ունենանք:

16 մայիս 1919-ին անդրանիկ անկախ Հանրապետութեան կառավարութիւնը համալսարան ունենալու որոշում կայացուցած է: Լուսաւորութեան նախարար էր Նիկոլ Աղբալեան: Համալսարանի հանդիսաւոր բացումը եւ դասախօսութիւնները սկսած են 31 յունուար 1919-ին, Ալեքսանդրապոլի մէջ (խորհրդային շրջանին` Լենինական, այսօր` Գիւմրի): Ներկայ եղած են Հանրապետութեան ղեկավարներ, այդ առիթով ժամանած են հիւրեր:

Որպէս պատմական օր` պէտք է նշել, որ 1 փետրուար 1920-ին մեծ հայագէտ Ստեփան Մալխասեանցի դասախօսութեամբ իր երթը սկսած է համալսարանը:

Համալսարանը սկսած է գործել 262 ուսանողներով եւ32 դասախօսներով:

Տասը ամիս ետք պիտի հաստատուէին համայնավարական կարգերը, եւ հակառակ բացասականութիւններու` Հայաստանի համալսարանը պիտի շարունակուէր եւ ազգի հզօրացման նպաստ պիտի ըլլար, ազգային նկարագիր պիտի կերտուէր` գրականութեան,  պատմութեան, լեզուաբանութեան եւ այլ ճիւղերու զարգացումով:

Անդրանիկ հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով ստեղծուած համալսարանը պատմական մանրուք չէ, մե՛ծ իրադարձութիւն է, բարձրագոյն ըմբռնումով քաղաքական յանդգնութի՛ւն:

Առանց իր համալսարանին` կրնա՞ք երեւակայել, թէ ի՛նչ կ’ըլլար Հայաստանի եւ հայու որակը: Հակառակ Կեդրոն-ի եւ տիրող միատարր գաղափարաբանութեան սովետամարդ ստեղծելու ճիգերուն` Հայաստանի համալսարանը հանդիսացաւ ինքնութիւն եւ հպարտութիւն կերտող հիմնական կառոյց եւ կը շարունակէ այդպէս ըլլալ:

Այսօր, նոյն պայծառատեսութեամբ, պէտք է մտածել եւ գործել մշակոյթով ինքնութիւն պահելու մասին, Հայաստան եւ սփիւռքներ:

Բայց Հայաստանի համալսարանը հեռուէն դիտուելու եւ սնապարծութիւն մշակելու առարկայ չէ, պէտք չէ ըլլայ: Ան կրնա՞յ համայն հայութեան համալսարան ըլլալ: Ինչո՞ւ Երեւանը պէտք չէ դառնայ միջազգային համալսարանական քաղաք: Հոն հանդիպածեմ հնդիկ, լաոսցի եւ այլ երկիրներէ եկած ուսանողներու: Եթէ սփիւռք(ներ)ի ծնողները եւ երիտասարդները համոզուին, որ հոն կարելի է մասնագիտական ուսում ստանալ, եւ տեղւոյն վրայ ստեղծուին ընդունելութեան-կեցութեան լաւ պայմաններ, հայ երիտասարդութիւնը ե՛ւ ուսում կը ստանայ ե՛ւ քիչ մը աւելի կը նուաճէ իր հայկական խորքը: Տեսնելու եւ կազմակերպելու խնդիր է: Ազգի հայացման ներդրում կ’ըլլայ այս նախաձեռնութիւնը, աւելի օգտակար, քան` Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ կառուցուող-կառուցուած մանր փառասիրութիւններու ծառայող մարմարեայ տպաւորիչ շէնքերը:

Այս սփիւռք(ներ)էն գալիք ուսանողութիւնը թաթխուելով երկրի լեզուին եւ մշակոյթին մէջ` կը դառնայ լեզուի պաշտպան, հայերէնով գիր-գրականութեան ընթերցող, եւ, ինչո՞ւ ոչ, ստեղծագործող: Այսինքն հարկ է շարունակել համալսարան ստեղծողներու հեռանկարային ներշնչումը:

Համալսարանի եւ համալսարանականներու հետ կը մտնենք ինքնաիրականացման եւ ազգային որակաւորման նոր ուղի: Մարդիկ յաճախ կ’աւաղեն, որ ընթերցող չկայ, հայերէն գրող չկայ, հայերէն գիրքը այլեւս չի մտներ հայոց տուները: Պատճառ կը համարեն` հեռատեսիլը, համակարգիչը, համացանցը: Ֆրանսացին եւ ամերիկացին ալ ունին հեռատեսիլ, համացանց, համակարգիչ, բայց այցելեցէ՛ք գրախանութները, նոյնիսկ` համեմատութիւններ ընելով, պիտի տեսնէք, որ մեր պարագային, անմիջականին հետամուտ նիւթապաշտութիւնը եւ որակի անկումը պատճառ են այդ նահանջին: Իսկ երեւակայեցէ՛ք պահ մը, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, եթէ հայածնունդ սերունդը, ոչ միայն Հայաստանի, անցնի հայկական համալսարանի բովէն, որ տարբեր է զանազան երկիրներու մէջ երբեմն գործող հայկական կոչուած ամպիոններէն, ուր ուսուցումը օտարաբարբառ է եւ ուսուցուած հայերէնը հազուադէպ պարագաներու` մշակոյթի գործիք:

Համայն հայութեան համար Հայաստանի համալսարանը կրնայ դառնալ ինքնուրոյնութեան, մշակոյթի եւ ընդհանրապէս միասնութեան հրաշագործ միջոց: Պէտք է կրկնել. տեսնելու եւ կազմակերպելու հարց է:

Հայաստանի պետութիւնը եւ հայկական սփիւռք(ներ)ի ղեկավարութիւնները անհրաժեշտ է, որ առաջնորդուին մշակութային մտածողութեամբ, որ վարչականէ եւ դիւանակալականէ, նիւթապաշտութենէ եւ աթոռապաշտութենէ տարբեր հզօրութիւն կ’ապահովէ ազգին: Դար մը առաջ այդպէս մտածած էին գաղթականներով լեցուն եւ սպառնալիքներու ենթակայ  անդրանիկ անկախ հանրապետութեան վարիչները:

Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) ինչե՜ր կրնան իրականացնել, եթէ ունենան քիչ մը աւելի ինքնութեան նախանձախնդրութիւն եւ քիչ մը աւելի ազգային տեսիլք:

Ինչպէ՞ս չհիանալ Նիկոլ Աղբալեանի իմաստութեան, երբ ան կ’ըսէր, որ գաղափարը դրամ չունի, եւ դրամը գաղափար չունի:

Հարիւրամեակը պիտի յուշէ, Նիկոլ Աղբալեանի հետեւութեամբ, որ դրամը ազգային գաղափար ունենայ:

Մշակութային մտածողութեան զարգացման ուղղութեամբ պէտք է գործել, ինչպէս այդ ըրած են դար մը առաջ` այդ մտածողութիւնը հակադրելով ընդարմացածներու նահանջին, որ կը կարծէ դեռ շարունակութիւն ըլլալ:Ի՞նչ բանի, յայտնի չէ:

Բարձրորակ եւ բազմաբնոյթ մշակոյթը կը դառնա՞յ գոյութենական զէնքը հայուն, աստ եւ անդ:

10 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

 

Վըժիկը

$
0
0

ՎԱՀԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Լիլիթը տարիներ առաջ  էր աւարտել Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքը եւ, մայրաքաղաքում հաստատուել ցանկացող շատ օրիորդների նման, դէմ չէր լինի, եթէ իր բախտը եւս դասաւորուէր Երեւանում, այդուհանդերձ, պատանեկան տարիներից իրեն սիրող համագիւղացի երիտասարդի սիրտը չգտաւ ուրիշ ոչ մէկի մէջ, ընտրեց նրան իր կեանքի ընկեր եւ հաստատուեց Ջաւախքի իրենց հայրենի գիւղում: Երեւանեան մշակութային եւ հասարակական բուռն կեանքով ապրած Լիլիթի համար սկզբնական շրջանում դժուար էր յարմարուել գիւղական միջավայրին. շարժապատկերի սրահներ, թանգարաններ, մշակութային միջոցառումներ, շփումներ արուեստի եւ մշակոյթի գործիչների հետ… այս ամէնը շուտով յուշերի վերածուեցին, որոնց փոխարինելու եկան ջաւախքեան հեռաւոր իրենց գիւղի քարքարոտ  ճանապարհները, ծաղկառատ մարգագետինները, հայրենի գիւղում եւ արտերկրում օրնիբուն աշխատող մարդիկ:

Լիլիթը շատ շուտ յաղթահարեց այս անցումը, եւ այդ հարցում նրան օգնութեան հասաւ բանասէրի իր մասնագիտութիւնը, հայ եւ համաշխարհային գրականութեան բաւարար իմացութիւնը Լիլիթին հէնց սկզբից օգնեց նոր միջավայրին նայել փիլիսոփայօրէն: Հայրենի գիւղի ամէն մի քարը, ամէն մի ծառ ու թուփը, ընտանի կենդանիները, անգամ բնութեան զանազան դրսեւորումները` մեղմ զեփիւռից  մինչեւ ձմրան փոթորիկներ, յորդ անձրեւից ու ցեխաջրերով լեցուն բակերից մինչեւ գիւղական պարզկայ առաւօտներ, Լիլիթին պատճառում էին անսահման բաւականութիւն: Նա այդ ամէնի մէջ փորձում էր գտնել այն խորհուրդը, որը դրուած էր ի վերուստ: Անգամ եթէ չէր հասկանում որոշ երեւոյթներ, ինքն էր փորձում դրանք «օժտել» իմաստներով կամ խորհուրդներով: Այս ամէնից բացի, իհարկէ, կար եւ մէկ ուրիշ ձգողութիւն, մէկ ուրիշ դրդապատճառ, որն ստիպում էր Լիլիթին հրապուրուել իրենց հայրենի գիւղով. դա ամուսնու` Վաչէի` պարզ ու շիտակ, աւանդապաշտ ու աշխատասէր այդ լեռնական երիտասարդի սէրն էր. Լիլիթն ամէնուր տեսնում էր Վաչէի հետքերը, որոնց շնորհիւ նորահարս Լիլիթի շրջապատը դառնում էր առաւել գունեղ, առաւել խորախորհուրդ եւ, իհարկէ, անսահման սիրելի:

Գիւղական ուսուցչուհու կեանքում շուտով տիրապետող դարձաւ մի նոր, մինչ այդ անծանօթ, անբացատրելի, աստուածային զգացում. ծնուեց առաջնեկը` նրա պաշտելի Վըժիկը, որն իր մուտքով փոքրիկ գիւղի մեծ կեանք` վերաիմաստաւորեց ամէն ինչ:

Անցնում էին օրերը, ամիսները դառնում տարի: Վըժիկն արդէն քայլում էր եւ իր մանկական աշխուժ ճիչերի հետ արտաբերում Կարնոյ բարբառի քաղցրահնչիւն բառերը: Լիլիթն այդ ընթացքում արդէն վերադարձեր էր դպրոց եւ վերստին նուիրուել իր սիրելի աշխատանքին: Վըժիկի մեծանալն ստիպում էր Լիլիթին առաւել շատ մտորել նրա կրթութեան, ճիշդ դաստիարակութեան եւ շատ այլ հարցերի մասին: Հաստատուելով գիւղում` Լիլիթը միշտ ձգտում էր դպրոցում եւ հասարակութեան մէջ սերմանել սէր ուսման, կրթութեան ու գիտութեան նկատմամբ: Ահա կ՛անցնի մի որոշ ժամանակ, եւ փոքրիկ Վըժիկը  դպրոցական է դառնալու. նրան հարկաւոր է նախապատրաստել. հարկաւոր են խաղերի եւ հեքիաթների գրքոյկներ, հարկաւոր է ճիշդ կազմակերպել նախակրթութիւնը եւ այլն: Մտորելով այս ամէնի մասին` Լիլիթը երբեմն յուզւում էր, յիշում ուսանողական հիասքանչ տարիները, երբ օրերով ու գիշերներով կարդում եւ ուսումնասիրում էր այդ ամէնը, իսկ հիմա հերթը որդունն է, ում համար ինքը շատ շուտով մեկնելու էր այնքա՜ն հարազատ Երեւան ու ձեռք բերելու այդ ամէնը:

Այդ օրը չուշացաւ. Լիլիթը որդու հետ Երեւանի ճանապարհին է: Վըժիկի աչքերը լցուած էին շուրջ բոլորը բացուող անծանօթ  տեսարանների հանդէպ արտայայտած զարմանքով, իսկ աւելի շատ` մօր խոստումներով. ինչե՜ր  ասես, որ մայրն իր համար չէր գնելու:

Փոքրիկ Վըժիկն իրօք երջանիկ էր, քանի որ մայրը գերակատարել էր իր բոլոր խոստումները. գնել էր Վըժիկի համար մի փոքրիկ հեծանիւ, մանկական բազմաթիւ խաղեր, պատկերազարդման տետրեր, իսկ գլխաւոր տեղում եւ դերում գրքերն էին: Տարուած լինելով մանչուկով ու նրա խնամքով` Լիլիթը Վըժիկի ծնուելուց ի վեր չէր այցելած Երեւան, եւ այժմ, երբ Վըժիկը ոչ թէ խանգարում, այլ, կարելի է ասել, խոհուն աչքերով ուղեկցում էր իրեն, բացառիկ հնարաւորութիւն էր ընձեռուել Երեւան այցելելու եւ այն տեղից ձեռք բերելու սրտի ուզած իրերը, իր սիրելի Վըժիկի համար այն ամէնը, ինչի մասին մտորել էր տարիներով: Լիլիթի  անհամբերութիւնն ու խանդավառութիւնն այնքան մեծ էին, որ նա, բացի Վըժիկի համար դասագրքերից ու մանկապատանեկան գրականութիւնից` գնել էր նաեւ բազմաթիւ դասական հեղինակների ստեղծագործութիւններ` Վ. Տէրեան, Ա. Իսահակեան, Պ. Սեւակ… որոնցից Վըժիկն օգտուելու էր բարձր դասարաններում:  Առանձնայատուկ ուրախութիւն էին պատճառում իր հայագէտ դասախօսների` Է. Ջրբաշեանի, Է. Աղայեանի եւ միւսների աշխատութիւնները:

Օթոպիւսը սլանում էր Արագածոտնի ճանապարհով: Ահա Շիրակի դաշտավայրը, Աշոցքի սարահարթը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Վրաստան սահմանային անցակէտերը: Լիլիթի յուզմունքը  գնալով մեծանում էր, քանի որ կարճ ժամանակ անց հասնելու էր հարազատ գիւղ` զինուած հոգեւոր արժէքներով, որոնց միջոցով նա նոր հնարաւորութիւններ էր ստանում կրթելու իր փոքրկ Վըժիկին, դարձնելու ուսումնատենչ, գրքասէր ու զարգացած քաղաքացի, այնպիսին, ինչպիսին նա պատկերացնում էր իր սրտի խորքերում:

– Ի՞նչ կան ձեր ճամպրուկներում, – վրաց սահմանային անցակէտում կիսավրացերէն, կիսառուսերէն հարցն ուղղուած էր Լիլիթին:

– Մանկական իրեր, գրքեր, – վարժ ու գրագէտ ռուսերէնով եւ ժպիտով արձագանգեց Լիլիթը:

– Գրքե՞ր, – նորից հնչեց հարցը:

– Այո՜, – կրկին վստահ պատասխանեց Լիլիթը:

– Տիկի՜ն, այդ դէպքում դուք հաւաքէք ձեր իրերը, ներս եկէք կողքի սենեակ եւ սպասէք, ձեր իրերը զննուելու են:

– Բայց ինչի՞ համար, չէ՞ որ գործիքը ամէն ինչ ցոյց տուեց, այնտեղ ոչ մի վտանգաւոր կամ անթոյլատրելի իր չկայ, բացի այդ` ես երեխայի հետ եմ, – Լիլիթի սիրտը լաւ բան չգուշակեց:

– Ոչինչ, երեխայի հետ համեցէք, մենք ձեզ կ՛օգնենք, –  եւ առանց սպասելու` սահմանային հսկողութեան աշխատակիցները ներս տարան Լիլիթի իրերը, որոնք հերթով բացուեցին եւ ամենայն մանրամասնութեամբ զննուեցին: Քիչ անց այնտեղ ներկայացած մի քանի աշխատակիցներ իրերից առանձնացրեցին բոլոր գրքերը, տետրերն ու խաղերը, Լիլիթի զարմացած եւ աստիճանաբար զայրացող հայեացքի ներքոյ զետեղեցին մէկ առանձին ճամպրուկի մէջ եւ պաշտօնապէս ներկայացրին իրենց պահանջը.

– Տիկի՛ն, այս բոլորը դուք պարտաւոր էք ետ ուղարկել Հայաստանի Հանրապետութիւն, քանի որ իրաւունք չունէք ձեզ հետ դրանք տանելու Վրաստան:

– Ի՞նչ, յե՞տ ուղարկե՞լ, իսկ ինչո՞ւ, ի՞նչ պատճառով, ո՞ր օրէնքի համաձայն…- Մտքում եւ բարձրաձայն արտասանած Լիլիթի այս խօսքերը կամաց-կամաց մարեցին օդում. կատարուածն այնքան անսպասելի եւ յանկարծակի էր, որ նա գրեթէ անզգայացել էր: Իսկ այդ ընթացքում, տեսնելով եւ լաւագոյնս ըմբռնելով Լիլիթի այդ վիճակը, վրաց սահմանապահները, որոնց թւում եւ` ազգութեամբ հայեր, արդէն տեղափոխում էին Լիլիթի իրերը`  գիրք-գրականութիւնը դէպի դիմացի մայթ` Հայաստանի Հանրապետութիւն վերադարձնելու, իսկ մնացեալ համեմատաբար «անվտանգ» իրերը` դէպի օթոպիւս: Վըժիկի դողդողացող ձեռքը բռնած եւ այս ամէնին քարացած հետեւող Լիլիթը վերջին վայրկեանին սթափուեց եւ ճչալով վազեց դէպի այն ուղղութեամբ, ուր տանում էին իր կողմից մասունքի նման պաշտելի գրքերը, իր սիրասուն Վըժիկի հեքիաթները, խաղերն ու տետրերը:

– Յե՛տ տուէք, տուէք այստե՛ղ, դուք իրաւունք չունէ՛ք, դրանք իմ երեխայի՜նն են, իմ Վըժիկի՜նը, ահա՛ նա, –  արտասւախառն ճչում էր Լիլիթը: Նա, որ նախկինում երկու ձեռքով  Վըժիկին հազիւ էր գրկում, այժմ երեխայի թեւից բռնած մէկ ձեռքով այնպէս վերեւ բարձրացրեց, որ Վըժիկը մի քանի վայրկեան մնաց օդում կախուած: Սահմանապահները, կանխազգալով, որ մայրական յուզմունքից եւ վիրաւորանքից գերբնական ուժ ստացած Լիլիթը կարող է եւ այլ անկանխատեսելի քայլերի դիմել,  ամենայն սառնասրտօրէն եւ քաղաքավարի կրկին մօտեցան նրան եւ առաջարկեցին իրենց հետ սպասել որեւէ մեքենայի, որը գրքերը կարող էր ապահով հասցնել Երեւան:  Բնականաբար այդ խօսքերը եւս հակառակ ազդեցութիւն գործեցին Լիլիթի վրայ, ով արդէն վրայ էր պրծել սահմանապահների վրայ` խլելու գրքերով լի իր ճամպրուկը: Փոքրիկ Վըժիկը, ով եւս յուզուել եւ, մօր հետ կատարուածը տեսնելով,  լաց էր լինում, վրայ հասաւ, մօր հետ սկսեց քաշքշել ճամպրուկը  եւ ճչալ. «Գրքերըը՜ս»,  «Մամաաա՜»,  «Մի թողնէ տանիիի՜ն», «Չե՛մ տայ, ձա՛գս, հիմա կ՛առնեմ ձեռքերէն…»:

Տեսնելով սահմանային մի քանի աշխատակցի` մի կողմից, եւ մօր եւ որդու` միւս կողմից հետզհետէ թէժացող պայքարը, սահմանային ուժերի ղեկավարութիւնը «լրացուցիչ ուժեր ներգրաւեց» այնտեղ, ովքեր թեւանցուկ արեցին Լիլիթին եւ որդու հետ գրեթէ քարշ տուեցին դէպի գիւղ վերադարձող օթոպիւսը:

… Դէպքից անցել էր մի քանի օր, Լիլիթը գիւղում էր, սակայն` ֆիզիքապէս միայն: Ուշքն ու միտքը այնտեղ` սահմանային անցակէտում կատարուածի հետ էին. ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս  թէ, իրենք իրաւունք չունե՞ն Երեւանից գրքեր բերելու, ո՞վ է սահմանել այդ արգելքը, յանուն ինչի՞, ո՞վ է պատասխան տալու իր փոքրիկ Վըժիկի առջեւ, ով երկար, շա՜տ երկար սպասելով գրքերին եւ յանկարծ զրկուելով դրանցից` դարձեր էր մտախոհ եւ նեարդային:

Լիլիթը, բնականաբար, անգործ չնստեց. շուտով հաւաքեց ինքն իրեն եւ որոշեց նախքան Ռուսաստանում գտնուող իր ամուսնուն այդ ամէնի մասին տեղեկացնելը` փորձել ինքնուրոյն քայլեր ձեռնարկել:  Որոշեց եւ հէնց ամենասկզբից հանդիպեց գիւղապետին, ով իրականում իրենց եւ յարակից գիւղերից  ընտրուած պատգամաւոր էր շրջանային ժողովում: Ի զարմանս Լիլիթի` գիւղապետն այնքան էլ չզարմացաւ Լիլիթի պատմութիւնից. պարզուեց, որ այդպիսի դէպքեր վերջին շրջանում շատ են լինում եւ, եթէ Լիլիթը նախօրօք այդ մասին ասէր գիւղապետին, նա կը զգուշացնէր, որ Երեւանից իր հետ գրքեր յանկարծ չվերցնի: Լիլիթին այս փաստը զարմացնելուց առաւել զայրացրեց. «Ուրեմն այս մարդը գիտի այդ մասին ու ձայն չի՞ հանում, էլ ի՞նչ գիւղապետ»: Այս մտորումներով Լիլիթը որոշեց մեկնել շրջկենտրոն եւ հանդիպել շրջանային ղեկավարութեան հետ: Ցաւօք, նոյնն էին թէ՛ այդ հանդիպումներից ստացած պատասխանները, թէ՛ այն արտասուախառն զգացումները, որոնք կրկին պարուրեցին Լիլիթին: Իսկ պատասխանները, որպէս կանոն, հետեւեալն էին. «Լիլի՛թ ջան, մենք էլ գիտենք այդ ամէնի մասին, բայց այս պահին ոչինչ անել հնարաւոր չէ, երկրի ղեկավարութիւնը այդ կերպ է որոշել. Հայաստանի Հանրապետութենէն գրքերի մուտքը հայաբնակ մեր շրջաններ խստիւ արգելուած է:  Իրենք պաշտօնապէս նման որոշում մեզ ցոյց չեն տուել, բայց մեկնաբանում են հետեւեալ կերպ. երկիր մտնող իւրաքանչիւր գրքի բովանդակութիւն պէտք է ստուգուի, եւ քանի դեռ այն ստուգուած չէ,  արգելւում է սահմանով անցկացնել»: Թէ ովքեր եւ ինչպէս պէտք է ստուգէին այդ ամէնը, կամ մանկական տետրերի ու հեքիաթների ինչը պէտք է ստուգուէր, Լիլիթին պարզ չէր:

Անքուն գիշերները եւ տանջալից մտորումները Լիլիթի մէջ ծնեցին նոր մտադրութիւններ. նա որոշեց նամակներով դիմել Հայաստանի եւ Վրաստանի պատկան մարմիններին: Շուտով մի քանի նոյնաբովանդակ նամակներ ուղարկեց երկու երկիրների կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններին, եւս մէկը` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն: Գործընկեր ուսուցիչների խորհուրդով յաջորդ օրը նոյն նամակը հասցէագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան բնագաւառում գործող մի քանի յայտնի կազմակերպութիւնների: Վերջին այդ քայլերը կարծես մի քիչ սփոփեցին Լիլիթի ալեկոծ սիրտը, եւ նա սկսեց անհամբեր սպասել նամակների պատասխաններին: Անցնում էին օրեր, շաբաթներ, Լիլիթը երբեմն անհանգստանում էր, երբեմն` ինքն իրեն մեղադրում անհամբերութեան մէջ: Այդուհանդերձ, նա այլեւս առաջուան նրբասիրտ ու քնքուշ մայրը չէր եւ յաճախ էր զայրանում իր սիրելի Վըժիկի վրայ, երբ վերջինս իր մանկական ձայնով յիշեցնում էր. «Մամա՜, գրքերս ե՞եփ տի փերե՞ն…»:  Այո՛, Լիլիթը եւս թաքուն յոյսեր էր փայփայում, որ մինչ ամուսնու գալն ինչ-որ մէկը բերելու է իր Վըժիկի գրքերը, եւ իրենք երկուսով իրենց սիրելիին դիմաւորելու են գրքերի միջից բազմաթիւ հեքիաթներ պատմելով ու բանաստեղծութիւններ արտասանելով:

Շուտով մէկը միւսի յետեւից ստացուեցին Լիլիթի նամակների պատասխանները, որոնք, հակառակ Լիլիթի սպասելիքների, խիստ անորոշ բովանդակութեամբ էին, իսկ գրքերը վերադարձնելու մասին ոչ մի խօսք չկար նրանցում: Հայաստանի Հանրապետութեան կողմից պատասխանել էին, որ հարցը մտահոգում է նաեւ իրենց, եւ Հայաստանի Հանրապետոթեան պատկան մարմիններն այդ հարցերով բանակցութիւնների մէջ են իրենց վրացի գործընկերների հետ, իսկ Թիֆլիսից պատասխանել  էին` գրքերի եւ մշակութային առարկաների ներբերման մասին օրէնքներից մի քանի դրոյթներ մէջբերելով, որոնցից ո՛չ Լիլիթը յստակ  բան հասկացաւ, ոչ էլ գործընկերներից ոեւէ մէկը: Ինչ վերաբերում է հայկական եւ վրացական իրաւապաշտպան, մամուլի ու խօսքի ազատութեան համար պայքարող կազմակերպութիւններին, ապա վերջիններս նոյնպէս, հակառակ Լիլիթի սպասումների, ոչ մի աղմուկ չբարձրացրեցին եւ պատասխանեցին միայն, որ հարցին ծանօթ չեն: «Ո՞ւր է Եւրոպան եւ ինչո՞ւ այս ամէնի համար չի պատժում մեղաւորներին: Եթէ մէկը բռնութիւն կիրառէր կնոջ հանդէպ, մի համասեռամոլի սպառնային կամ ինչ-որ մէկի ցնդաբանութիւններն արգելէին տպագրել, հիմա բողոքի երթեր էին սկսուել: Այժմ ինչո՞ւ են լռում ամէնքը, երբ մի ողջ հասարակութիւն օրը ցերեկով ենթարկում են սպիտակ ցեղասպանութեան: Մի՞թէ միջազգային հանրութիւն կոչուածն այսքան երկերեսանի է…»,  լուռ տանջւում էր Լիլիթը:

Նամակների պատասխանների այս փուլը եւս անցաւ` իր հետ տանելով նաեւ Լիլիթի յոյսերից մի մեծ բաժին: Կրկին խորացած մտատանջութիւնները ստիպեցին Լիլիթին ամէն ինչ պատմել ամուսնուն, սակայն, քանի որ արդէն աշուն էր, եւ մօտեցել էին նրա գալու օրերը, նա որոշեց  չտխրեցնել նրան եւ սպասել: Կեանքում շատ դժուարութիւնների միջով անցած իր ամուսնու ուժերի վրայ Լիլիթը գրեթէ չէր կասկածում եւ վստահ էր, որ նա իր կապերի եւ հնարաւորութիւնների գործադրմամբ շուտով գրքերը կը հասցնի գիւղ` ուրախացնելու իր սիրելի ընտանիքին:

Խոր աշուն էր, երբ գիւղ մտաւ Վաչէին բերող մեքենան, Լիլիթն ու Վըժիկը սովորականի նման դէմ վազեցին նրան, փաթաթուեցին եւ սկսեցին ծանր ճամպրուկները քաշքշելով ներս տանել: Լիլիթն այդ պահին աշխատում էր ոչինչ ցոյց չտալ, չնայած` ներքուստ այրւում էր զայրոյթից, վիրաւորանքից եւ անհամբերութիւնից:

… Վաչէն յաջորդ առաւօտեան վաղ գնաց գիւղամէջ, ծանօթ-հարազատների տեսնելով` ստիպուած մի քանի կանգառներ ունեցաւ ճամբին. նա շտապում էր ժամ առաջ տեսնել գիւղապետին, ուստի բարեկամների հետ զրոյցներն ու ողջագուրումներն աւելի շատ մեխանիկական էին եւ քաղաքավարութիւնից դրդուած:

Ինչպէս գիւղապետի, այնպէս էլ շրջանի ղեկավարութեան հետ Վաչէի հանդիպումներն աւարտուեցին անարդիւնք: Վաչէն տուն վերադարձաւ ձեռնունայն, գլխիկոր, մտահոգ եւ զայրացած այն աստիճան, որ Լիլիթը, ով անհամբեր սպասում էր լաւ լուրերի, անգամ չհամարձակուեց որեւէ հարց ուղղել նրան: Մարդ ու կին լուռ հայեացքներով նայեցին իրար: Ամէն ինչ պարզ էր… Գրեթէ այդ նոյն զգացումն ապրեց նաեւ փոքրիկ Վըժիկը, ով աննկատ յայտնուել էր ծնողների արանքում. նա խոնարհեց իր հայեացքը, նայեց յատակին, յետոյ դիմացի պահարանին եւ հասկացաւ, որ իր սիրելի գրքերն այլեւս երբեք չեն յայտնուելու այնտեղ…

Լիլիթն արագ հեռացաւ, փակուեց սենեակում եւ սկսեց հեկեկալ: «Ինչո՞ւ մենք իրաւունք չունենք հայերէն գիրք կարդալու, փոքրիկ Վըժիկն ինչո՞վ պէտք է կրթուի, մենք մարդ չե՞նք, այս երկրի քաղաքացիներ չե՞նք, հարկ չե՞նք վճարում, ինչո՞ւ են բոլորը, սկսած գիւղապետից մինչ շրջանի ղեկավարութիւն եւ լայն հասարակութիւն, լռում այս զզուելի երեւոյթի առջեւ: Մայրաքաղաքից վրացերէ՞ն են ուզում տարածել, թող տարածե՛ն, հայոց գրքերն ու գրե՞րն են խանգարում դրան, հայ աշակերտին եթէ ցանկանան սովորեցնել վրացերէն, Տէրեանն ու Իսահակեա՞նն են խանգարելու, թէ՞ պարզորոշ ասում են` դուք պէտք չէ հայ մնաք, եւ ձեզանից պահանջւում է ոչ թէ պարզապէս սովորել վրացերէն կամ իւրացնել պետական լեզուն, այլ` դառնալ վրացի, եւ սա՞ է վրաց-եւրոպական ժողովրդավարութիւնը, ազգերի իրաւահաւասարութիւն կոչուածը: Մի՞թէ չկայ մէկը կամ մի ուժ, որն ի զօրու կը լինի կարգաւորել այս խնդիրը, եւ իրենք` հասարակ մայրերն ու ուսուցիչները կարողանան անարգել իրենց հետ բերել գրքեր: Ինչքա՞ն սպասել այս դժոխային վիճակում, այսպէս մինչ ե՞րբ…»:

Մտքե՜ր, մտքե՜ր ու անվերջ մտորումներ` ամենատարբեր երեւոյթների մասին, բազում անպատասխան հարցեր, որոնք ստիպում էին Լիլիթին պտտուել սենեակով մէկ, մեխանիկօրին զննել բոլոր այն առարկաները, որոնք վերջին շրջանում այնքան էլ խնամքով  չէին դասաւորւում իրենց տեղերում. սահմանային դէպքից անգամ ամիսներ անց Լիլիթը չէր կարող վերագտնել իրեն, վերադարձնել կեանքի երջանիկ օրերը, որոնց ամէն ժամն ու րոպէն նուիրում էր իր շրջապատի գեղեցկացմանը: Եւ յանկարծ այդ խառնիճաղանճ իրերի մէջ աչքին ընկաւ որդու անձնագիրը, որը սահմանապահների կողմից կնքուելուց յետոյ մնացած ճամբորդական իրերի հետ անփութօրէն նետուած էր պահարանի մը մէջ: Լիլիթը,  չգիտես ինչու, վերցրեց այն, բացեց այն էջը, որտեղ արտատպուած էր որդու լուսանկարը, կողքին` անձնական տուեալները: Հայեացքը սահեց լուսանկարի վրայով եւ կանգ առաւ որդու անուան վրայ` Վրէժ…. Այո՜, ոչ թէ Վըժիկ, ինչպէս նրան կոչել են ծննդեան օրուանից մինչ այդ օրը, այլ` Վրէժ: Ինչո՞ւ իրենց փոքրիկին չէին կոչել իսկական անունվ` չէր կարող ասել, երեւի անչափ սիրելուց էր կամ նրան յաւերժ մանուկ տեսնելու ցանկութիւնից` դժուարանում էր մտաբերել:

Մի քանի անգամ անձնագիրը շուռումուռ տալուց եւ որդու իսկական անունը մտքում կրկնելուց յետոյ Լիլիթն այն երկու ձեռքով պինդ սեղմեց կրծքին, մօտեցաւ պատուհանին, աչքերը փակեց եւ… Ահա իր որդին մեծացել է, մեծ, շա՜տ մեծ մարդ է դարձել` կրթուած-զարգացած, դարձել է ոչ միայն գիւղի, այլեւ շրջանի հասարակութեան հպարտութիւնը,  ահա նա մեկնում է Երեւան, ձեռք է բերում մեծ քանակի գրքեր, այնքան շատ, որ կը բաւարարէր շրջանի բոլոր դպրոցներին եւ գրքասէր մանուկներին, ահա նա վերադառնում է հայրենի շրջան, եւ ինչպէս ողջ ճանապարհին, այնպէս էլ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Վրաստան սահմանին ուրուագծւում է նրա հզօր ուրուապատկերը, ահա նա անարգել անցնում է սահմանը, իսկ գրքերը ոչ-ոք չի համարձակւում խլել նրա ձեռքից, ահա նա հասնում է հայրենի եզերքներ, նրան ընդառաջ են գալիս հազարաւոր մանուկներ, ստանում իրենց սրտի ուզած գրքերը եւ խինդ ու ծիծաղով վերադառնում հարազատ տներ: Եւ այդ օրը բոլոր ընտանիքներում հնչում էր որդու անունը` Վրէժ… Վրէժը ով գիրք է բերել, լուսաւորել է ամէնքին, ով յաղթել է բոլոր դժուարութիւնները, հայրենի հողում ապահովել իր տեսակի շարունակականութիւնը եւ հայրենակիցների սրտերում վերականգնել ջաւախեցի լինելու հպարտութիւնը…

Մտքերը մի քանի րոպէում փոթորկեցին Լիլիթի հոգին, որից նա անճանաչելիօրէն կերպարանափոխուեց: Քիչ անց Վաչէի զարմացած հայեացքի ներքոյ դուրս եկաւ, կարելի է ասել` իրեն դուրս նետեց սենեակից, խլեց գլխիկոր կանգնած որդուն, սեղմեց կրծքին, եւ լոյս, յոյս եւ կեանք ճառագող աչքերը յարած յարած հեռուներին, կեանքում առաջին անգամ տալիս էր որդու իրական եւ  իսկական անունը` Վրէ՜ժս, Վրէ՜ժս, Վրէ՜ժս…

12 փետրուար 2018
Javakhk media

 

*  Վահէ Սարգսեանը ծնած է Ջաւախք: 2014-ի մարտին, երբ ան կը փորձէր Երեւանէն Ջաւախք անցնիլ ազգականներ ու բարեկամներ այցելելու, Վրաստանի իշխանութիւնները Բաւրա-Նինոծմինդայի սահմանագծին վրայ արգիլած են անոր մուտքը դէպի Ջաւախք  եւ դասած  են զայն իբր persona non gratta, այսինքն` անբաղձալի անձնաւորութիւն Վրաստանի մէջ…

Գրեց  Վահէ Սարգսեան *

Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերածեց`
Յարութիւն Մսըրլեան

14 փետրուար 2018

Վահէ Սարգսեանը յայտնի փորձագէտ եւ Պատմական գիտութիւններու թեկնածու է: Ան տարիներ շարունակ զբաղած է  գիտական եւ հետազօտական գործունէութեամբ, որուն թեմաները եղած են Ջաւախքի հիմնախնդիրներն ու հայ-վրացական յարաբերութիւնները: Հրատարակած է բազմաթիւ գիրքեր եւ  ուսումնասիրութիւններ: (Յ. Մ.)։

 

 

Լա՛ւ Որ Բանտարկուեր Է Վարդան Պետրոսեանը…

$
0
0

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Վերնագիրը բնականաբար պիտի ցնցէ ընթերցողը, ընդվզում, թերեւս նոյնիսկ զայրոյթ յառաջացնէ անոր մօտ: Բայց թոյլ տուէք հիմնաւորեմ վերնագիրի ընտրութիւնը:

Անոնք, որոնք ներկայ գտնուեցան Վարդան Պետրոսեանի «Իմ կիսատ թողած երգը» մենաներկայացման, վստահաբար վայրկեանուան մը համար իրենց միտքէն այս տողը ըսին: Իսկ ես ամբողջ ելոյթի ընթացքին նոյն տողին մասին էր, որ կը մտածէի:

Ինչո՞ւ:

Որովհետեւ, եթէ Վարդանը չբանտարկուէր, մենք առիթը պիտի չունենայինք վայելելու այս հրաշալի մենաներկայացումը: Սխալ չհասկնաք. անձնասէր չեմ, ոչ ալ կը փափաքէի Վարդանին բանտարկութիւնը, բայց այս ներկայացումը շատ բան տուաւ ինծի:

Լա՛ւ որ բանտարկուեր է Վարդան Պետրոսեանը, որովհետեւ ոչ ոք պիտի կարենար այսքան լաւ ներկայացնել ու նկարագրել դատական եւ բանտային օրերը, չարչարանքը:

Ոչ ոք պիտի կարենար մատը վէրքին վրայ դնել ու խօսիլ անարդարութեան մասին, այնքա՛ն յանդուգն, որքան ինք` վեր առնելով ճշմարտութիւններ, որոնք շատ յաճախ չեն արծարծուիր ու կը պահուին:

Լա՛ւ որ բանտարկուեր է Վարդան Պետրոսեանը, որովհետեւ ան յաջողած է փոխել բանտի տղոց մտածելակերպը, նոր յոյս տուած է անոնց, փոխած է կեանքը անոնց, որոնք վստահաբար այսօր բանտի ճաղերուն ետին նստած` կը յիշեն Վարդանի խօսքերը, ամենավատ պայմաններու մէջ իսկ լաւատես են եւ կը շարունակեն նամակներ գրել իրենց հարազատներուն ու կը կարդան Աստուածաշունչը, ինչպէս որ Վարդանը վարժեցուցած էր անոնց:

Ի՜նչ մարդ է Վարդան Պետրոսեանը, որ կրցած է փոխել բանտի տղոց նկարագիրն ու առօրեան` առանց փոխուելու ինք կամ հեռանալու իր նկարագրային գիծերէն (սովորաբար բանտին մէջ նոր բանտարկեալը կը համակերպի բանտի առօրեային):

Որքան ամուր նկարագիր, հզօր կամք ու հաւատք ունի Վարդանը, որ տոկաց այդքան անարդարութեան, ուսերուն շալկեց ցաւն ու տառապանքը, ամենավատ պայմաններու մէջ մնաց կանգուն եւ յաղթահարեց զանոնք եւ բեմ բարձրացուց գլուխ գործոց մը:

Լա՛ւ որ բանտարկուեր է Վարդան Պետրոսեանը, որովհետեւ ան կրցաւ չյուսահատելու ամէնէն կենդանի եւ յստակ օրինակը դառնալ: Պատճառ չունինք յուսահատելու, չդիմադրելու մեր դժուարութիւններուն, պատճառ չունինք չհաւատալու, որ ամէն բան կարելի է յաղթահարել, եթէ կը հաւատանք ու լաւատես ենք, եթէ կը տեսնենք գեղեցիկը, լաւն ու բարին:

Լա՛ւ որ բանտարկուեր է Վարդան Պետրոսեանը, որովհետեւ առիթը ունեցանք խնդալու եւ յուզուելու, սորվելու եւ տեղեկանալու, բայց ամենագեղեցիկը` առիթը ունեցանք «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, ձեռք ձեռքի բռնելու եւ միասնաբար երգելու «Ով սիրուն սիրուն» երգը:

Յուզիչ էր այդ պահը, կախարդական, ցած ձայնով ամբողջ սրահը կ՛երգէր` «… ընկեր կը դառնամ ես քո վշտերին»:

Ի՜նչ գեղեցիկ էր այդ երգեցողութիւնը, ի՜նչ ազդեցիկ էր այդ մեղեդին: Կարծես բոլորս փորձ ըրած էինք` այնքան համաչափ եւ ներդաշնակութեամբ երգելու այդ տողերը: Կարծես իրապէս ընկեր կը դառնայինք Վարդանին վիշտերուն, եւ ինք փոխադարձաբար մեզի յոյս կը ներշնչէր:

Պահ մը մտածեցի` արդեօ՞ք Վարդանին «Կիսատ թողած երգը» ամբողջացուցինք:

Ան խօսեցաւ, պատմեց եւ պարպեց ամբողջ իր զգացումներն ու հոգեվիճակները, իսկ մենք լսեցինք եւ ապա միասնաբար, միաբերան աւարտեցինք երգը, կամ ալ տակաւին շատ բան կայ ըսելիք…

Վերջապէս պէտք է ըսել, թէ ոչ ոք կ՛ուզէր Վարդանին բանտարկութիւնը կամ չարչարանքը, բայց երբ այդ բոլորէն ետք այսպէս կ՛ըլլայ յաղթահարելն ու պատասխանը, բան չենք կրնար ընել` յարգանքէ, ծափահարելէ ու խոնարհելէ զատ:

Անոնք, որոնք չդիտեցին, շատ բան կորսնցուցին:

Շնորհակալութի՛ւն Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, շնորհակալութիւն Վարդանի՛ն:

 

 

Կատակը Մէկդի. Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հէ՜յ, ժողովո՛ւրդ. Սպիտակ տունի հանճարե՜ղ պետին ուղեղը նորագոյն փայլատակում մը ունեցած է Ֆլորիտայի մէկ դպրոցին մէջ «անհաւասարակշիռ»-ի մը գործած նորագոյն ոճիրին լոյսին տակ: Նախագահը գտած է նման արիւնահեղութեանց վերջ տալու ամէնէն կարճ ճամբան. զինել… ուսուցիչները:

Սխալ չհասկնաք,  ինչպէս ըրին «սուտ լուրեր տարածող» մամլոյ աղբիւրներ. նախագահը չ՛առաջարկեր, որ բոլոր ուսուցիչները զինուին, եւ դպրոցները վերածուին զօրանոցի տարբերակներու, այլ կ՛ուզէ զինել միայն 20 առ հարիւրը, այն ալ` լաւ մարզումի ենթարկուելու պայմանով, որպէսզի եթէ խենթ մը դպրոց մը ներխուժէ գնդացիրէն կրակ ժայթքելով` զինեալ ուսուցիչները անմիջապէս հակադարձեն եւ տեղն ու տեղը շան սատակ ընեն զայն: Նախագահը հաշուեր է, որ ոստիկանները հազիւ 5-8 վայրկեանէն կրնան հասնիլ ոճիրին վայրը, մինչդեռ ուսուցիչները կրնան հակադարձել 2-3 վայրկեանէն: Մի՛ ըսէք, որ այդ 2-3 վայրկեաններուն մէջ ոճրագործ մը քանի՛ հոգի սպաննած կ՛ըլլայ: Ամօթ է նաեւ հարց տալը, թէ դասարանի մը մէջ թուաբանութեան, լեզուի կամ մշակոյթի մասին դաս տուող ուսուցիչ մը (երեւակայեցէք, որ անոր տեղը դուք էք) ի՞նչ պէտք է ընէ, եթէ դուրսէն կրակոցի ձայներ լսէ ու աշակերտները իրար անցնին արդարօրէն, սկսին զիրար կոխկռտել` ապահով անկիւն մը գտնելու համար: Բայց մի՛ մոռնաք, որ դուք պարզ մահկանացուներ էք, ձեր երեւակայութիւնն ալ սահմանափակ է ձեր ուղեղներու կարողութեան պէս. ունի՞ք նախագահին սքանչելագործ երեւակայութիւնը…

Հապա՞, ի՞նչ կարծեցիք: Մարդիկ զուր տեղը կը տագնապին, զոհեր տուողները անտեղիօրէն կը բողոքեն, ցոյցեր կը կազմակերպեն ու քաղաքական արշաւներու կը դիմեն, որպէսզի զէնքի առեւտուրը հակակշիռի տակ բերուի ու սահմանափակուի, ամէն իմաստուն ու յիմար առիթ չունենայ ուզած զէնքը գնելու եւ խելքին փչածին պէս գործածելու մարդ արարածներու դէմ: Ընդդիմադիրներն ալ արդէն առիթ չեն կորսնցներ նախագահին դարպասէն ներս քանի մը կէտ նշանակելու: Այսօր` ռուսական միջամտութիւն, վաղը` Մեքսիքայի սահմանին վրայ պատի ծրագիրը, ուրիշ օր մը` շահատուրքեր, Քորէաներու հարց, իսկ վաղն ալ կը պատրաստուին 2019-ի պիւտճէի նախահաշիւին շուրջ պատերազմին: Ո՛չ ոք կը մտածէ, թէ այս ծրագիրին իրագործումը որքա՜ն պիտի նպաստէ գործազրկութեան տագնապի լուծման, որովհետեւ պատերազմի վեթերաններ, մուրալու կամ նպաստընկալի վիճակի մատնուելու փոխարէն` կրնան գործի կոչուիլ ուսուցիչներ զինելու համար:

Որպէսզի իմանաք, որ հանճարեղ միտքը միայն մէկ փայլատակում չ՛ունենար մէկ հարցի մասին, ահա՛ շարունակութիւնը. նախագահը կ՛առաջարկէ նաեւ, որ զէնք գնելու իրաւունքի տարիքը բարձրացուի 21-ի: Այսինքն, եթէ 21 տարեկան ես կամ աւելի, կրնա՞ս ուզածիդ չափ զէնք գնել եւ գործածել, ինչպէս որ կ՛ուզես: Ո՜չ, այդպէս չէ՛. դարձեալ ընդդիմադիրներու պէս կը մտածէք. նախագահը համաձայն է, որ զէնք գնողի մը անցեալը պրպտումի ենթարկուի, եւ եթէ որեւէ կասկածելի բան գտնուի, անոր զէնք չծախուի: Մի՛ հարցնէք, որ արտօնագիրով զէնք ունեցողը կրնա՞յ բացարձակապէս արգիլել անոր գործածութիւնը` արտօնութիւն չունեցող անչափահասի մը կամ այլ անձի մը կողմէ: Մոռցէ՛ք, որ նման հազար ու մէկ դէպք պատահած է անցեալին. եթէ այս դրութիւնը որդեգրուի, մոգական գաւազան մը ամէն  բան կը լուծէ: Տակաւին, ան կ՛առաջադրէ, որ կարգ մը զէնքերու գործածութեան ձեւն ալ հակակշիռի տակ բերուի, ու զէնքերը նուազ յարձակողական ու մահասփիւռ դառնան: Անցեալին, նման ոճրային դէպքէ մը ետք, այլ հանճարներ հրապարակ նետեցին զէնքի մը փամփշտակալին մէջ փամփուշտներու թիւը կրճատելու սքանչելի՜ մտածումը. օրինակ, 30 կամ աւելի փամփուշտ ընդունելու փոխարէն` 15 փամփուշտով ընդունարաններ: Եթէ այդ մտածումը օրին տարածում գտած ըլլար եւ որդեգրուէր, Ֆլորիտայի դպրոցին զոհերուն թիւը 17-ի կը հասնէ՞ր, ո՛չ, հազա՛ր անգամ ոչ. ա՛նպայման 15-էն նուազ պիտի ըլլար, ողբացողներուն թիւը նուազ պիտի ըլլար…

Դուք սովորութիւն ունիք նաեւ շատ մը աւելորդ ու անտեղի հարցումներ տալու: Օրինակ, պէտք չէ հարցնէք, թէ ինչո՛ւ նախագահին մտածումները նոյնպիսի արձագանգ գտան Հրացաններու ազգային ընկերակցութեան (NRA) պետին` Ուէյն Լափիեռի ու կարգ մը հանրապետական իմաստուններու յայտարարութեանց մէջ: Անոնք ալ դէմ են զէնքերու վաճառքի սահմանափակման. չէ՞ որ սահմանադրութիւնն իսկ մարդոց իրաւունք կու տայ զէնք ունենալու, կրելու: Իսկ սահմանադրութիւնը, մանաւանդ անոր երկրորդ յօդուածը անհպելի տառ են. մարդ կրնայ ամէն յօդուած վերատեսութեան ենթարկել, բարեփոխել, բացի զէնքի մասին յօդուածէն: Թող ձեր միտքը ձեզ չառաջնորդէ՛ սխալ մեկնաբանութիւններու: Հոս զէնքի շուկային շահերը չեն, որ մղում կու տան նման մտածումներու, ո՛չ ալ նախագահին կամ այլոց ընտրարշաւներուն մէջ զէնքի վաճառականներէն հոսած գումարները: Ո՛չ, հարի՛ւր հազար անգամ ոչ: Զէնք կրողը պարզապէս հաւատարիմ կը մնայ ինքզինք պաշտպանելու տարրական իրաւունքին: Ամօ՛թ է, մի՛ հարցնէք, թէ որո՛ւ դէմ պաշտպանուելու համար. չէ՞ որ Մեքսիքայէն ու լատինամերիկեան երկիրներէն զինեալ ասպատակներ կանգնած են սահմանին երկայնքին եւ կրնան մէկ օրէն միւսը ներխուժել ամերիկեան որեւէ քաղաք… Դարձեալ մի՛ մատնէք ձեր սահմանափակ երեւակայութիւն ունենալը:

Եզրակացնե՞նք. զէնքի առեւտուրը սահմանափակելու որեւէ ճիգ անիմաստ է ու ապարդիւն պիտի մնայ, այնքան ատեն որ ունինք հանճարե՜ղ պետական վարիչներ ու… զէնք արտադրողներ: 18 չէ, 1018 նման դէպք ալ չեն կրնար սասանել անոնց մտածողութիւնն ու… շահերու աղբիւրները:

22 փետրուար 2018

Գրախօսական. Եըլտըզի Պոմպան

$
0
0

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

21 յուլիս 1905. սաստիկ թնդիւն մը կը ցնցէ ամբողջ Պոլիսը, երբ ռումբ մը կը պայթի Սուլթանական Եըլտըզ պալատի յարակից մզկիթին դիմաց, ուր կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան սուլթանը` Ապտիւլ Համիտ Բ.ը, ուրբաթ օրուան Սելամլըքի պահուն (ծիսակարգ դարձած սուլթանին աղօթքի արարողութիւնը): Պայթիւնը, որ պատմութեան մէջ կը յիշուի որպէս «Եըլտըզի պոմպան» կամ Դաշնակցութեան պատմագրութեան մէջ` «Նժոյգ գործողութիւնը», վրիպած էր իր բուն թիրախէն` սուլթանէն, սպաննելով 26 եւ վիրաւորելով քանի մը տասնեակ ուրիշներ: Համիտեան մենատիրական կայսրութեան եւ յատկապէս մայրաքաղաք Պոլսոյ մէջ ինչպէ՞ս կը կազմակերպուէր այսպիսի յանդուգն գործողութիւն մը: Որո՞նք էին այս դրուագին հիմնական դերակատարները եւ ի՞նչ դրդապատճառներէ մեկնած կը մասնակցէին աննախադէպ այս արարքին: Քաղաքական ի՞նչ հետեւանքներ ունեցաւ սուլթանին դէմ այս մահափորձը եւ միջպետական յարաբերութիւններու մէջ ինչ փոփոխութիւններ յառաջացուց: Ահա քանի մը հարցեր, որոնք առանցքը կը կազմեն նոր գիտաշխատութեան մը` «To Kill a Sultan: A Transnational History of the Attempt on Abdelhamid (1905)» (Palgrave Macmillan, 2018), որ հրատարակուած է այս տարեսկիզբին եւ խմբագրուած է Էտհեմ Էլտեմի, Հուսին Ալլուլի եւ Հենք տը Սմայէլի կողմէ:

Գիրքը, որ կազմուած է ութ հիմնական գլուխներէ եւ գրուած` տարբեր պատմաբաններու կողմէ, մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւն մըն է, որ կը վերլուծէ սուլթան Համիտի դէմ կատարուած այս մահափորձը` իր բազմակողմանի երեսներով փորձելով պատմագիտական մեկնաբանութիւններ տալ այն հարցադրումներուն, որոնք ցարդ մնացած էին անպատասխան: Ինչպէս վերնագիրը կը վկայէ, սոյն աշխատութիւնը առաջին հերթին փորձ մըն է սուլթանին մահափորձը տեղադրելու աւելի լայն պարունակի մը մէջ եւ զայն դիտարկելու որպէս ազգայինի (national) եւ անդրազգայինի (transnational) պատմական համադրում: Միջպետական եւ միջկազմակերպական յարաբերութիւններու լոյսին տակ է, որ գիրքին ներածականին մէջ երեք խմբագիրները կ՛ուրուագծեն հատորին ընդհանուր կառոյցը` ներկայացնելով տարբեր մօտեցումները, որոնք որդեգրուած են աշխատութեան ընթացքին: Երկար ներածութեամբ մը խմբագիրները կը բացատրեն, թէ ինչո՛ւ Եըլտըզի մահափորձը ցարդ լիարժէք գնահատումը չէ գտած օսմանեան պատմագրութեան մէջ. պատճառներէն հիմնականը, անշուշտ, այն պարզ իրողութիւնն է, որ մահափորձը ձախողեցաւ` դատապարտելով դէպքը պատմութեան փոշոտ էջերուն:

Վերաբանալով մոռցուած այս անցեալը` գիրքին հիմնական նպատակը ոչ միայն այս դէպքին խորքային վերլուծումն է, այլ նաեւ բացայայտումը` որոշ կապակցութիւններու միջպետական ազդակներու եւ պատմական զուգահեռ գործընթացներու, որոնք պատմագրական նորանոր մօտեցումներով հանրութեան կը հրամցուին այստեղ: Հետեւաբար, սոյն գիրքը սկզբնակէտ առնելով յուլիս 1905-ին կատարուած դէպքը, ոստում մը կը կատարէ «մանրա-պատմութենէն» (micro-history) դէպի «համաշխարհային պատմութիւն» (global history), ուր կը յստականան տարբեր դերակատարներու միջեւ գոյացած յարաբերութիւններն ու անոնց ծաւալը` զանոնք տեղադրելով համաշխարհայինի եւ տեղայինի խաչմերուկներուն վրայ, աստիճանաբար ճանապարհը հարթելով դէպի «խաչաձեւ պատմութեան» (Histoire croisée) ամբողջական ներկայացում: Այս առաքելութիւնը իրականացնելու միտումով խմբագիրները ժողոված են պատմաբաններու խումբ մը, որուն անդամները իրենց մասնագիտութիւնը ի սպաս դրած են` ուսումնասիրելու օսմաներէն, հայերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ այլ լեզուներով զանազան փաստաթուղթեր, որոնց քննարկումը միայն կը նպաստէ դէպքին ամբողջական մեկնաբանութեան եւ վերլուծութեան: Յիշարժան է նաեւ, որ այս խումբին պատմաբանները կու գան տարբեր մասնագիտութիւններէ, ինչպիսիք են` միջազգային օրէնսդրութիւն, դիւանագիտական պատմութիւն հասարակական կամ մշակութային պատմութիւն ու շնորհիւ իրենց կատարած միջգիտակարգային (interdisciplinary) աշխատանքին` ընթերցողին առջեւ կը պարզեն ուշ օսմանեան պատմութեան այս դրուագի բազմաշերտ կողմերը` իրենց խորութեամբ:

Ներկայացնելէ ետք իրենց առաքելութիւնը, խմբագիրները կը շարունակեն ներածականը` ընդհանուր ակնարկ մը նետելով 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդի առաջին տասնամեակին տիրող աշխարհաքաղաքական եւ օսմանեան կացութեան: Անոնք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած այս գործողութիւնը կը դիտարկեն իր լայն միջավայրին մէջ` զուգահեռներ գծելով Եւրոպայի եւ Ռուսական կայսրութեան մէջ մինչ այդ արմատացած անիշխանական (anarchist) եւ յեղափոխական (ընկերվարական, մարքսիստական) խմբակներու եւ օսմանեան հողատարածքներու վրայ 1890-ականներէն թափ առած յեղափոխական խմորումներու միջեւ: Օրինակներ բերելով տարբեր ահաբեկչական գործողութիւններէ, ինչպէս` Ռուսիոյ ցար Ալեքսանտր Բ.-ի (1881), Իտալիոյ թագաւոր Ումպերթօ Ա.-ի (1900) եւ Ամերիկայի նախագահ Ուիլիըմ Մքինլիյի (1901) սպանութիւնները, խմբագիրները հայ յեղափոխական կուսակցութիւններու օսմանեան գործունէութիւնը կը վերլուծեն 20-րդ դարասկիզբը յատկանշող քաղաքական ահաբեկչութեանց (political violence) ընդհանուր պարունակին մէջ: Հետեւաբար տարածաշրջանային յեղափոխական խմբաւորումներու արմատականացման ընդհանուր ծիրին մէջ է որ պէտք է հասկնալ եւ վերլուծել Եըլտըզի մահափորձն ու անոր նախորդող դէպքերու շարքը: Ինչպէս էր պարագան եւրոպական միւս պետութիւններուն կամ պետական մարմիններուն, որոնք թիրախ կը դառնային նմանատիպ յարձակումներու, Եըլտըզի մահափորձը ցոյց կու տար օսմանեան եւ համիտեան վարչակարգի ապահովական բացթողումները եւ յեղափոխական գործողութեանց կարողականութիւնը` օգտագործելու զանոնք հարուածելու համար տուեալ թիրախը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որպէս հիմնական դերակատար եւ կազմակերպիչ «Նժոյգ» գործողութեան, բնականաբար պիտի կազմէր գիրքին երկրորդ գլուխը (ներածականէն ետք): Հեղինակը` Կայծ Մինասեան, օգտագործելով արխիւային հարուստ նիւթեր, կը նկարագրէ 1899-էն ետք ընթացք առնող դաշնակցական գործունէութիւնը, ինչպէս` «Փոթորիկ» դրամահաւաքը, որ պիտի ֆինանսաւորէր «Նժոյգ»-ի կազմակերպումը, Քրիստափոր Միքայէլեանի գլխաւորութեամբ ցուցական մարմինի մը կազմութիւնը, որուն հիմնական աշխատանքը պիտի ըլլար ծրագրել սուլթան Համիտի դէմ կատարուելիք մահափորձը` իբրեւ պատժական եւ վրէժխնդրական արարք 1894-1896 թուականներու համիտեան կոտորածներուն: Մինասեան ընթերցողին նաեւ կը ներկայացնէ, թէ ինչպէ՛ս պելճիքացի անիշխանական Էտուար Ժորիս, որ հետագային պիտի ձերբակալուէր եւ դատուէր գործողութեան մեղսակից ըլլալու յանցանքով, սերտ կապեր մշակելով Ցուցական մարմինի անդամ Վռամշապուհ Քենտիրեանի հետ` յաջողած էր մաս կազմել սոյն խմբակին եւ գործօն դերակատարութիւն ունենալ սուլթանի մահափորձի կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ:

Մինասեան ժամանակագրական ձեւով կ՛ուսումնասիրէ «Նժոյգ» գործողութեան տարբեր փուլերն ու հանդիպած խոչընդոտները, ինչպէս` Քրիստափորի եւ Վռամշապուհի վաղաժամ մահը Պուլկարիոյ Վիտոշ լերան լանջերուն, օսմանեան ոստիկանութեան խիստ հսկողութիւնը եւ դէպքի ձախողութենէն ետք կուսակցական պատկան մարմիններու կեցուածքն ու վրդովմունքը, որ յանգեցուց Սաֆոյի կուսակցութենէն արտաքսման` իբրեւ Ցուցական մարմինի գլխաւոր պատասխանատու (1907 ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր ժողովին): Այս առումով, Դաշնակցութեան արխիւները, որոնց վրայ հիմնուած է Մինասեանի գիտաշխատութիւնը, ոչ միայն հարուստ նիւթեր կը պարունակեն` հետեւելու «Նժոյգ» գործողութեան պարբերականացման (periodization), այլ կը մղեն նաեւ քննական պատմաբանը` կատարելու նոր հարցադրումներ: Մինասեան կ՛ամփոփէ եւ կ՛եզրափակէ իր աշխատութիւնը` տալով նորանոր հարցումներ, որոնցմէ են պուլկարական եւ ռուսական պետութիւններուն գործողութենէն տեղեկացուածութեան հարցը, կամ Քրիստափորի եւ Վռամշապուհ Քենտիրեանի կեանքերը խլող ռումբին խափանարարման հաւանականութիւնը:

Ի՞նչ գործ ունէր պելճիքացի Ժորիսը Ցուցական մարմինին մէջ եւ ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ «Նժոյգ» գործողութեան պատրաստութեան աշխատանքներուն մէջ: Ահա՛ հետաքրքրական հարցում մը, որուն Մարթին Վան Կինտըրախթըր կը փորձէ պատասխանել գիրքին երրորդ գլուխին մէջ, որ յատկացուած է Էտուար Ժորիսի հոգեմտաւոր աշխարհին եւ յեղափոխական գործունէութեան վերլուծութեան:

Էտուար Ժորիս

Գործողութենէն մէկ օր անց Ժորիս կը ձերբակալուէր օսմանեան ոստիկանութեան կողմէ` որպէս գլխաւոր կասկածելի: Խուզարկութեան ընթացքին ոստիկանութիւնը անոր յարկաբաժինէն կը յայտնաբերէ ատրճանակներ, պայթուցիկ նիւթեր եւ յեղափոխական թերթեր: Անոր ձերբակալութիւնը պատճառ պիտի դառնար, որ «Նժոյգ»-ի ցանցը բացայայտուի եւ դատավարութիւնը եւրոպական մամուլին մէջ ստանայ «Ժորիսի գործը» (L՛affaire Joris) խորագիրը:

Օգտագործելով պելճիքական պետական փաստաթուղթերու եւ Ժորիսի կողմէ գրուած նամակներու հաւաքածոյ մը` Վան Կինտըրախթըր Ժորիսի մասնակցութիւնը կը բացատրէ եւրոպական եւ յատկապէս պելճիքական յեղափոխական-անիշխանական կազմակերպութիւններու գործունէութեանց լոյսին տակ: Նկարագրելով Պելճիքայի մէջ Ժորիսի անդամակցութիւնը անիշխանական եւ ձախակողմեան խմբաւորումներու` Վան Կինտըրախթըր կը վերլուծէ Ժորիսի յօդուածները եւրոպական մամուլին մէջ, ուր ան պիտի գրէր նաեւ Հայկական հարցին մասին: Աշխատանքի եւ շատ հաւանաբար արկածախնդրութեան փնտռտուքով Ժորիս 1903-ին կը հասնէր Պոլիս, ուր ան պիտի ծանօթանար Վռամշապուհ Քենտիրեանի հետ` որպէս «Սինկըր» հաստատութեան մէջ աշխատող իրեն աշխատակից եւ սենեկակից: Քենտիրեան, իր կարգին, յաջողած էր Ժորիսի հետաքրքրութիւնը արթնցնել Հայկական հարցին շուրջ ու նաեւ համոզել Քրիստափորն ու Ցուցական մարմինի ընկերները, որ Ժորիսի անդամակցութիւնը ռազմավարական շահեր պիտի բերէր գործին` տրուած ըլլալով Ժորիսի Պելճիքայի քաղաքացիութիւնն ու անոր յարաբերութիւնները եւրոպական շրջանակներու ու մամուլին հետ: Իբրեւ անիշխանական գործիչ` Ժորիս կը հաւատար, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու փրկութիւնը պէտք էր գար միայն դուրսէն, տրուած ըլլալով, որ աշխատաւորական դասակարգը կը պակսէր եւ, հետեւաբար, յեղափոխութիւնը չէր կրնար կայսրութեան ներսէն պայթիլ: Ինչպէս Վան Կինտըրախթըր կը վերլուծէ, Ժորիս հասած էր այն համոզումին, որ միայն քաղաքական ահաբեկչութեան միջոցով է, որ օսմանեան հասարակական կարգը կրնար փոխուիլ: Քենտիրեանի մահը, ըստ Վան Կինտըրախթըրի, անկիւնադարձային էր Ժորիսի համար եւ եկաւ աւելիով խորացնելու անոր համոզումները Հայկական հարցին լուծման ճանապարհին քաղաքական ահաբեկչութեան անհրաժեշտութեան մասին: Վան Կինտըրախթըրի վերլուծումը ոչ միայն պատմագիտական է, այլ նաեւ կ՛ընդգրկէ հոգեբանական որոշ մօտեցումներ, որոնց շնորհիւ հեղինակը կրցած է վերարտադրել Ժորիսի քաղաքական հայեացքներն ու մտաւոր աշխարհը:

Համիտեան գաղտնի ոստիկանութեան ընդարձակ ցանցը, շնորհիւ Ժորիսի ձերբակալութեան եւ մանրակրկիտ հետաքննութեան, կրցած էր բացայայտել «Նժոյգ» գործողութեան բոլոր մանրամասնութիւններն ու մասնակից անդամները: Գիրքին չորրորդ գլուխին մէջ Թոյկուն Ալթընթաշ կ՛ուսումնասիրէ համիտեան վարչակարգի եւ ոստիկանութեան հակազդեցութիւնն ու բացուած հետաքննութիւնը: Ալթընթաշ օգտագործելով օսմանեան ոստիկանական եւ պալատական արխիւները` կը վերարտադրէ հետաքննութեան ամբողջ գործընթացը եւ ընթերցողին կը ներկայացնէ օսմանեան պետական տեսակէտը եւ ահաբեկչութեան պետական հասկացողութիւնը:

Հեղինակը ոստիկանական գործողութիւնները կը դիտարկէ որպէս համիտեան վարչակարգի պատերազմը անիշխանական հոսանքներու դէմ, որ արդէն սկսած էր 1880-ական թուականներէն, երբ ամբողջ ժողովուրդներ եւ յատկապէս հայերը կը բնութագրուէին որպէս ապահովական սպառնալիքներ: Հետեւաբար, այս տրամաբանութենէն մեկնած, ամբողջ համայնքը ապահովական սպառնալիք մըն էր, մինչեւ որ անոնք իրենց հաւատարմութեամբ ապացուցէին հակառակը:

Ալթընթաշ դիպուկ կերպով կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս 20-րդ դարու արդիականացումը նաեւ կը նշանակէր ժողովուրդները վերահսկելու եւ դասելու նոր մօտեցումներ եւ գործիքներ, որոնք կը բարձրացնէին պետութեան կարողականութիւնը` թափանցելու ժողովուրդին ամէնէն ցած եւ ցարդ անտեսանելի մնացած խաւերէն ներս անգամ: Ահա նման նոր արհեստագիտական եւ արդիական գործիքներն էին, որոնց շնորհիւ օսմանեան ոստիկանութիւնը կարողացաւ բացայայտել Ժորիսի մեղսակցութիւնը, թաքնուած միւս ռումբերն ու կուսակցական զինանոցները, ինչպէս նաեւ` ձերբակալել տասնեակ ուրիշ հայ եւ յոյն յեղափոխականներ, որոնք առնչուած էին «Նժոյգ»-ի զանազան աշխատանքներուն հետ: Սուլթանի ահաբեկումը ձախողած էր, բայց ոստիկանութիւնը յաջողած էր կազմաքանդել Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ դաշնակցական ցանցը` գործնական հսկայական խոչընդոտներու եւ վնասներու առջեւ դնելով կուսակցութիւնը: Պէտք է նաեւ յիշել, որ օսմանեան պետութիւնը համագործակցութեան մէջ էր եւրոպական միւս միապետական վարչակարգերուն հետ, որոնք 1898-ի Հռոմի համաժողովին մէջ որոշած էին անիշխանական հոսանքներու պայքարին դէմ միասնական քայլերու ձեռնարկել:

Ալթընթաշի աշխատութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս պայթումէն ընդամէնը քանի մը օր ետք համիտեան վարչակարգը կրցած էր իրավիճակը իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնել` քաղաքը դարձնելով ոստիկանական բոյնի մը, ինչպէս նաեւ գերատեսչութիւն բանեցնելով լուրերու շրջանառութեան վրայ` կիրարկելով գրաքննական խիստ միջոցներ: Հակառակ անոր որ մասնակիցներէն շատեր մահապատիժի դատապարտուած էին, ներառեալ` Ժորիսը եւ կինը, որ արդէն լքած էր Պոլիսը գործողութենէն առաջ, պելճիքացի յեղափոխականը սուլթան Համիտի կողմէ շնորհուած համաներումով մը ազատ արձակուեցաւ դեկտեմբեր 1907-ին, ձերբակալութենէն մօտաւորապէս երկու տարի ետք: Թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ էր, որ սուլթանը համաձայնեցաւ ահաբեկչական նման արարքի մը հեղինակը ներել, կը մնայ պատմական առեղծուած մը, որուն պատասխանը տակաւին կը մնայ վարկածական (speculative), ինչպէս Ալթընթաշ կ՛ընդգծէ իր աշխատութեան եզրափակիչ մասին մէջ: Արդեօք սուլթանին կողմէ ձեռնարկուածը որոշ խա՞ղ մըն էր, որ կը միտէր սեպ մը խրել յեղափոխական հոսանքներուն միջեւ, թէ պելճիքական դիւանագիտութեան ճնշումներու արդիւնք էր. դժուար է սպառիչ պատասխան մը գտնել:

(Շար. 1)

Viewing all 12094 articles
Browse latest View live