Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12047 articles
Browse latest View live

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց` Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Զ.)

0
0

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.- Ձեր տուած օրինակները, այո՛, կը վկայեն, որ լեզուն կրնայ նաեւ հողէն հեռու, որոշ չափով մը, զարգանալ: Հալէպի պատմութեան մէջ ալ մենք կարդացած ենք այսպիսի օրինակներու մասին: Մեծագոյն վկան Հալէպի գրչատունն էր, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կից, որ իր ամէնէն արդիւնաւոր ու փայլուն շրջանը կը բոլորէր գաղութի հոգեւոր, մշակութային եւ տնտեսական վերելքի ժամանակահատուածին` ԺԷ. դարասկիզբէն մինչեւ ԺԸ. դարու կէսը:

Գրչատունը ծաղկած էր յատկապէս այն ժամանակաշրջանին, երբ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք, կիլիկեան գրչութեան կեդրոնները խամրած էին: Այդ օրերուն Հալէպը եւ հալէպահայութիւնը տնտեսական ու մշակութային բարգաւաճման օրեր կ’ապրէին, այդ իսկ պատճառով, վաճառականներու եւ արհեստաւորներու կողքին, հոգեւոր մշակոյթի գործիչներ, եկեղեցականներ, ուսումնասէր վարդապետներ, գրիչներ, երաժիշտներ, նկարիչներ եւս կ’ուղղուէին Հալէպ: Հալէպը կը դառնար այն պարարտ հողը, ուր իրենց շարունակութիւնը կը գտնէին ու կը ծաղկէին կիլիկեան մշակութային աւանդոյթները: Եւ այս առումով կարելի է ըսել, որ Հալէպի գրչակեդրոնն ալ, այս կամ այն չափով, այդ աւանդոյթներու կրողն ու շարունակողն էր, օտար եւ այլակրօն միջավայրի մէջ իսկ: Հալէպ շարունակողի, պահպանողի իր այս դերը պէտք չէ թերագնահատէ ու ըստ այնմ պէտք է լծուի վերականգնումի աշխատանքներուն:

Լեզուի ուսումնասիրութեան մասին ձեր բերած օրինակները այլ իրողութիւն մըն ալ լուսարձակի տակ կը բերեն: Սփիւռքը, Հայաստանի հետ իր գործակցութեան կողքին, աշխարհին ու աշխարհի գիտութեանց դիմաց բաց ըլլալու հարստութիւնը ունի, աշխարհի մեծագոյն համալսարաններուն մէջ իր լեզուին ուսումնասիրութիւնը զարգացնելու կարելիութիւնը ունի նաեւ: Սա հարստութիւն է, որուն եթէ գիտակցինք ու մշակենք զայն, ապա նաեւ շրջանառութեան մէջ դնենք, պիտի կարենանք ուժեղացնել իւրաքանչիւր գաղութի մէջ գոյութիւն պահպանելու համար մաքառող նեղ շրջանակները: Ու այդ նեղ շրջանակները պիտի կարենան բացուիլ լայն շրջանակներու` միութիւններ, դպրոցներ, եւ նոր ուղղութիւն, նոր շունչ պիտի տան անոնց: Մենք յաճախ կը խօսինք սփիւռք-հայրենիք փոխանակումներուն մասին` մոռնալով երբեմն, որ սփիւռք-սփիւռք փոխանակումները եւս փրկարար դեր կրնան ունենալ լեզուի ու մշակոյթի պահպանման ճիգերուն մէջ: Այդ փոխանակումները բոլորովին չեն անտեսուած, սակայն նպատակային աշխատելաոճի մը շարունակականութիւնը չեն պահած:

Շռայլ լոզունգներով կարելի չէ հայապահպանում իրագործել, այո՛: Սակայն ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի քաջալերէ այս փոխանակումը: Բնականաբար` համահայկական տարողութեամբ գործունէութիւն ծաւալող մեր մշակութային միութիւնները:

Կառոյցները պահպանելէ քայլ մը անդին պէտք է անցնիլ ու խրախուսել, քաջալերել յատկապէս եռանդ եւ աշխատելու պատրաստակամութիւն ունեցող մեր երիտասարդները` ճիշդ անձը ճիշդ պաշտօնին կոչելով ու զարգանալու, զարգացնելու բոլոր կարելիութիւնները տրամադրելով անոր: Այս պարագային միայն կարելի է մտածել արմատական լուծումներու մասին:

Պատերազմին գործած աւերներուն մասին երկար խօսեցանք: Խաւարը անիծելու փոխարէն` մոմ մը վառելու մասին պէտք է մտածենք այլեւս:

Հայաստանէն Սուրիա վերադարձող ընտանիքներ կը տեսնենք, այո՛, որուն ի տես նոյնպէս ցաւ կ’ապրինք: Ցաւ կ’ապրինք, որովհետեւ գնահատելով հանդերձ հայրենադարձութիւնը խրախուսող պետական ջանքերը, սփիւռքի նախարարութեան շարունակուող ձեռնարկները, ներգաղթը քաջալերող ու արտագաղթը նուազեցնող գործնական, երկարաժամկէտ ծրագիրներ չենք տեսներ տակաւին:

Փափաքելի է, որ հայրենիք դարձը տեղի չունենայ պատերազմի պարտադրած պայմաններուն լոյսին տակ, այլ դառնայ ծրագիր, որպէսզի Հայաստան հասնողը հոն մնայ ու անորոշութեան չմատնուի, իսկ հայրենադարձութեան կոչերը քարոզչութեան սահմաններուն մէջ չմնան:

Սուրիահայութեան ցաւը ծախող վաճառականներ եղան, ցաւօք, յատկապէս` մամուլին մէջ: Անոր դիմադրութեան ուժը թերագնահատողներ ալ եղան:

Սուրիոյ հայութեան դիմադրողական թաքուն ուժը հայրենամերձ այս հողին հետ մեր հոգեկան ու ֆիզիքական կապին, յիշողութեան մէջ պէտք է տեսնել նաեւ:

Օրերս Քեսապ էի, ու երբ քեսապցիներու հետ կը զրուցէի մեր գոյութեան հիմքերուն ու Քեսապի մէջ հայկական ներկայութեան մասին, վերահաստատեցի այն համոզումս, որ հողին հետ կապը չի խզուիր, այնքան ատեն որ այդ կապը արմատներ նետած է հողին խորքը: Աշխարհագրական այս միջավայրը` Քեսապը թալանեցին,  քանդեցին, բայց հողը նոյն տեղն է, լեռները նոյն տեղն են ու կրկին կը կանչեն իրենց զաւակները` վերստին կառուցելու, վերստին ծաղկեցնելու զայն:

«Երեք ամիս վերջ հայու շունչէն կտրուած Քեսապին տեսքը ահաւոր էր, աշխարհագրական միջավայր մը,  առանց իր բնակչութեան, տխուր էր, մահամերձ, բայց կը կանչէր մեզ», կը շեշտէր քեսապցին ու կը պատմէր, որ գիւղացիներէն մէկը Քեսապ վերադարձէն ետք, երբ ի՛ր իսկ պարտէզի ծիրանի ծառէն փորձած էր ծիրան քաղել… դժուարացած էր. «Ծառը կարծէք նեղուած էր ինձմէ, ձեռքս չէր երթար քաղելու, գողութիւն կ’ընէի կարծէք, որովհետեւ երեք ամիս չէի խնամած զինք», ըսած էր: Ուրիշ մը` «Երբ պարտէզ կ’երթամ, կը նստիմ, հողը կ’առնեմ ափիս մէջ ու կը շփեմ, կը շփեմ, կարօտս կ’առնեմ եւ անբացատրելի ուժ մը կը զգամ», ըսած էր: Քեսապցիներու այս փորձառութիւնը պատգամ մը ունի իր մէջ, այդ պատգամը հողին կանչն է, պատմական մեր հայրենիքին հետ կապուած անմեռ յիշողութիւնն է: Քեսապը, որպէս Կիլիկեան թագաւորութեան վկայարան, թէ՛ պատմական, թէ՛ աշխարհագրական առումներով, իւրայատուկ իմաստ ունի: Այստեղ եւս պէտք է փնտռել դիմանալու գաղտնիքը:

Եկէք` այս լաւատեսութեամբ ներշնչուինք, ուրեմն, ու մեր զրոյցը, որ նորութիւն էր ինծի համար իր ձեւով ու բոլորովին տարբեր էր կրկնուող այն հարցազրոյցներէն,  որոնց հարցումները երբեմն նախքան հարցազրոյցը կը նախատեսէի,  գործակցութեան վերածենք: Մենք գիտենք, որ վերաշինութեան որեւէ գործընթաց կը սկսի քանդումով, թէեւ այս պարագային մեր կամքով չէր ու աղէտաբեր էր քանդումը: Այս աղէտը, սակայն, Աստուծոյ կողմէ կատարուած փորձութիւն ըլլայ, կամ աղէտին պատճառը մենք իսկ եղած ըլլանք, անցեալին կը պատկանի այլեւս: Մեր զրոյցը մոմ վառողներու շրջանակը ընդլայնելու պիտի նպաստէ, պէ՛տք է նպաստէ: Ներսի եւ դուրսի փոխանակման յատուկ սիւնակը սկիզբ մը կրնայ ըլլալ, հարկաւ:

(Շար. 6 եւ վերջ)

 


Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Միշել Աունի Յայտարարութիւնը` Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հետ Հանդիպումէն Ետք

0
0

Դրական եւ կառուցողական բանակցութիւններ վարեցինք նորին գերազանցութիւն նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Անդրադարձանք վերջին տարիներու երկկողմ յարաբերութիւններու ընթացքին, արձանագրուած շօշափելի յառաջընթացին, ինչպէս նաեւ ցայսօր անոնց ամրապնդման ուղղութեամբ իրականացուած հիմնական աշխատանքներուն: Մեր հանդիպումը անցաւ ջերմ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ, ինչ որ կ՛արտացոլեն մեզ միաւորող մարդկային ամուր կապերը, հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներու առանձնայատուկ յարաբերութիւններն ու յատկապէս հայկական արմատներով մեծաթիւ լիբանանցիներու առկայութիւնը: Այդ ներկայացուցիչներէն շատերը այսօր կ՛ուղեկցին ինծի` Լիբանանի կառավարութեան նախարարներ եւ երեսփոխաններ:

Նախագահ Սարգսեանի ուշադրութիւնը հրաւիրեցի այն իրողութեան վրայ, թէ մեր հասարակութեան մէջ ինչպիսի՛ գնահատանք կը վայելէ այդ հատուածը` իր կենսունակութեամբ, մշակոյթով, քաղաքակրթութեամբ, ընկերային գետնի վրայ եւ իրենց ազդեցիկ մասնակցութեամբ քաղաքական, տնտեսական կեանքին մէջ:

Քննարկեցինք նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակը` այդ շրջանի որոշ երկիրներու ճգնաժամերը եւ բռնկած պատերազմները, յատկապէս` մեր դրացի Սուրիոյ մէջ: Մենք համաձայնեցանք այդ ճգնաժամերուն խաղաղ լուծումներ գտնելու եւ պատերազմական մեքենան դադրեցնելու անհրաժեշտութեան շուրջ, քանի որ բռնութիւնը միայն բռնութիւն ու ծայրայեղականութիւն կը ծնի, որուն ապացոյցն են մեր շրջանին մէջ սկիզբ առած վերջին եօթը տարիներուն շարունակուող խռովութիւնները: Նախագահ Սարգսեանին ներկայացուցի սուրիական պատերազմին պատճառով Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, մասնաւորապէս` ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ու անոնց բջիջներու սպառնալիքներուն ներթափանցումը ինչպէս մեր երկրին մէջ, այնպէս ալ շրջանի եւ աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ: Այստեղ անոր վստահեցուցի, որ Լիբանանը յաջողութեամբ դիմակայած է այդ սպառնալիքները եւ ոչնչացուցած ահաբեկչական բջիջները` խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելով մեր հանրութեան մէջ: Մենք փոխադարձաբար համաձայնեցանք, որ կարեւոր է, խարխսուելով յառաջդիմութեան մշակոյթի, անձերու եւ պետութիւններու իրաւունքներու յարգանքին վրայ, ամրապնդել երկկողմ ու միջազգային համագործակցութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ, քանի որ որեւէ երկիր չի կրնար զերծ մնալ ատոր վտանգներէն:

Մենք խօսեցանք նաեւ սուրիացի գաղթականների խնդիրին մասին, որ աւելի բարդացած է Սուրիոյ դրացի երկիրներուն, յատկապէս` Լիբանանի մէջ: Նախագահին ներկայացուցի, որ մեր երկիրը տնտեսական, ընկերային, անվտանգութեան ճնշումներու կ՛ենթարկուի` իբրեւ հետեւանք իր տարածքին մէջ ունենալով աւելի քան մէկուկէս միլիոն գաղթական` անոնց կարիքները հոգալու համար միջազգային օգնութեան բաւարար չըլլալուն հետ միասին: Այս առիթով շեշտեցինք, որ անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ հասնելու միջազգային փոխադարձ համաձայնութեան, որ պիտի ապահովէ սուրիացի գաղթականներու վերադարձը իրենց երկրի անվտանգ տարածքներ եւ որ պիտի ըլլայ սուրիական պետութեան վերահսկողութեան ներքեւ:

Ես երախտագիտութիւնս յայտնեցի նախագահ Սարգսեանին միջազգային ատեաններուն մէջ Լիբանանի եւ անոր խնդիրներուն կողքին գտնուելու համար, ապա վստահեցուցի, որ Լիբանանը իր կարգին կանգնած է Հայաստանի կողքին` անոր ժողովուրդին, ինքնիշխանութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման բնական իրաւունքները պաշտպանելու գործին մէջ:

Նշեմ, որ բանակցութիւններուն ընթացքին անդրադարձանք Լիբանանին ուղղուած իսրայէլեան սպառնալիքներուն, որոնք կ՛առնչուին բացառիկ տնտեսական գօտիի նաւթային մեր իրաւունքներուն, բաժանարար պատի կառուցման, որ կը հասնի հարաւային մեր սահմանին մօտ գտնուող վիճելի կէտերուն: Հաստատեցի, որ Լիբանանը պաշտպանած է իր ցամաքային ու ծովային սահմանները օրինական բոլոր միջոցներով, եւ այդ գործին մէջ մենք կ՛ապաւինինք միջազգային ընտանիքի մեր բարեկամներուն` անոնցմէ ակնկալելով աջակցութիւն այդ սպառնալիքները դիմակայելու եւ իրավիճակը չսրելու խնդիրին մէջ:

Ես նաեւ իմ երախտագիտութիւնս յայտնեցի նախագահին յառաջիկայ հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին մասնակցելու` ինծի ուղղուած հրաւէրին համար եւ խոստացայ արձագանգել անոր` վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն մաղթելով ամենայն յաջողութիւն:

Շնորհակալութիւն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Յայտարարութիւնը` Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Միշել Աունի Հետ Հանդիպումէն Ետք

0
0

Մեծարգո՛յ պարոն նախագահ,
Տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք,

Մէկ անգամ եւս ջերմօրէն ողջունում եմ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ, զօրավար Միշել Աունին եւ նրան ուղեկցող պատուիրակութեան անդամներին Հայաստանում: Պարո՛ն նախագահ, սա ձեր անդրանիկ այցն է մեր երկիր, որը, վստահաբար, նոր լիցք կը հաղորդի ամուր պատմական կապերի վրայ խարսխուած մեր բարեկամական յարաբերութիւններին:

Գոհունակութեամբ ուզում եմ փաստել, որ նախագահ Աունի հետ մեր զրոյցն անցաւ ջերմ մթնոլորտում` հայ-լիբանանեան բարեկամութեան ոգուն համապատասխան: Բովանդակալից քննարկում ունեցանք երկկողմ համագործակցութեան ողջ օրակարգի վերաբերեալ, վերահաստատեցինք մեր երկրների հաստատակամութիւնը` շարունակելու փոխադարձ վստահութեան հենքի վրա խորացնել եւ ամրապնդել մեր բազմոլորտ համագործակցութիւնը:

Թէեւ նախորդ տարի մեր դիւանագիտական յարաբերութիւնները թեւակոխեցին իրենց քառորդ դարը, սակայն մեր ժողովուրդների բարեկամութիւնն ունի բազմադարեայ պատմութիւն, որում, անխօս, իր ուրոյն դերն ունի լիբանանահայ համայնքը: Երկուստեք գոհունակութեամբ փաստեցինք, որ այս տարիներին մեզ յաջողուել է մեր բարեկամութեանը հաղորդել նոր որակ` ձեւաւորելով փոխգործակցութեան ամուր կապեր քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մշակութային, գիտական եւ այլ բնագաւառներում:

Կարեւորեցինք մեր երկրների միջեւ առկայ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան պահպանումը` որպէս բոլոր ոլորտներում փոխշահաւէտ համագործակցութեան կարեւոր խթան:

Ընդգծեցինք միջխորհրդարանական կապերի հետագայ զարգացման կարեւորութիւնը` յատկապէս, հաշուի առնելով, որ Հայաստանն ապրիլից անցում է կատարում կառավարման լիարժէք խորհրդարանական համակարգի:

Երկկողմ յարաբերութիւնների զարգացման առումով մեծապէս կարեւորեցինք տնտեսական բաղադրիչը: Դրական ենք գնահատում Հայաստանում լիբանանեան ներդրումների շարունակական ընդլայնումը: Լիբանանեան ներկայութիւնը Հայաստանում տեսանելի է դրամատնային, ծառայութիւնների, գիւղատնտեսութեան եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներում: Մենք նախանձախնդիր ենք աւելի ընդլայնելու այս ձեռքբերումները: Պայմանաւորուեցինք երկուստեք աշխատանք տանել երկողմ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալների մեծացման ուղղութեամբ: Առկայ է գրեթէ ողջ տնտեսական ոլորտը կանոնակարգող իրաւապայմանագրային դաշտը, ինչը յաւելեալ վստահութեան միջավայր է ձեւաւորում մեր գործարարների համար:

Ընդհանուր առմամբ, մեր երկրների միջեւ կնքուած շուրջ հինգ տասնեակի հասնող փաստաթղթերը ամուր հիմք են ծառայում տարբեր ոլորտներում արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան համար:

Բարձր գնահատեցինք միջազգային կառոյցներում մեր երկրների արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը եւ փոխադարձ աջակցութիւնը յատկապէս մեզ համար կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերում: Պայմանաւորուեցինք նոյն ոգով շարունակել մեր բազմակողմ համագործակցութիւնն աւելի խորացնելու ուղղութեամբ:

Լիբանանի նախագահին ներկայացրի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները: Մեր աներկբայ համոզմունքն է, որ չի կարող լինել հիմնախնդրի որեւէ լուծում, որը ինչ-որ կերպ խաթարի Արցախի ժողովրդի` իր պատմական հայրենիքում ազատ եւ անվտանգ ապրելու իրաւունքը: Այս առումով, իմ գործընկերոջ հետ համակարծիք էինք, որ ինչպիսին էլ լինի այս հիմնախնդրի կարգաւորումը, դրա հիմքում պէտք է լինի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի ազատ ապրելու իրաւունքը իր պատմական տարածքում: Եւ պէտք է ասեմ, որ պարոն նախագահի հետ մենք նաեւ համակարծիք էինք, որ Երուսաղէմի խնդրում ամենակարեւորը բանակցային գործընթացն է, եւ ուժի կիրառմամբ այդպիսի խնդիրները չեն կարող լուծուել:

Արդէն աւելի քան 100 տարի է անցել Հայոց ցեղասպանութիւնից, բայց կան պատմական իրադարձութիւններ եւ երախտագիտութեան զգացում, որ վաղեմութեան ժամկէտ չունեն: Վերստին երախտագիտութիւն յայտնեցի Լիբանանի ժողովրդին եւ իշխանութիւններին` մեր պատմութեան այդ դաժան հատուածում հայ տարագիրներին սրտաբաց ընդունելու, ապրելու եւ արարելու հնարաւորութիւն ընձեռելու համար: Շնորհակալ ենք, որ այդ յանցագործութեան դատապարտման եւ կանխարգելման ջանքերում Լիբանանը մեր կողքին է նաեւ այսօր:

Ցաւօք, այսօր մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանում, մասնաւորապէս` Սիրիայում մենք շարունակում ենք ականատես լինել մարդկութեան դէմ կատարուող ոճրագործութիւնների: Այս առումով կարեւորում ենք Լիբանանի գործնական եւ արդիւնաւէտ ներդրումը ահաբեկչութեան եւ արմատականութեան դէմ պայքարում եւ բարձր ենք գնահատում այս տարիներին սիրիացի ժողովրդին ցուցաբերուած մարդասիրական օգնութիւնը: Հայաստանը եւս իր համեստ հնարաւորութիւնների չափով օգնութեան ձեռք է մեկնել սիրիացի մեր քոյրերին եւ եղբայրներին:

Հպարտ եմ, որ Հայաստանը կարողացել է իր համեստ ներդրումն ունենալ բարեկամ Լիբանանի կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման գործում` երկրի հարաւում տեղակայուած` ՄԱԿ-ի ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեանը հայկական խաղաղապահների մասնակցութեամբ:

Լիբանանի նախագահի հետ պայմանաւորուեցինք նոյն ոգով շարունակել հայ-լիբանանեան աշխուժ շփումները եւ խթանել համագործակցութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր բնագաւառներում: Եւ ես շատ ուրախ եմ, որ պարոն նախագահը ընդունեց մեր յաջորդ հրաւէրը` աշնանը Հայաստան գալու եւ մասնակցելու Ֆրանսախօս երկրների գագաթնաժողովին:

Պարո՛ն նախագահ, շատ շնորհակալ եմ եւ այժմ հաճոյքով խօսքը փոխանցում եմ ձեզ:

Անդրադարձ. Եփրատի Արեւմտեան Ափին Վրայ Քրտական Գործօնի Վերջալոյսը

0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Սուրիոյ կառավարամէտ աշխարհազօրէն ուժեր մուտք գործեցին Աֆրին: Աշխարհազօրի փոխհրամանատար Իպրահիմ Մաքթապի յայտարարեց, որ Սուրիան պիտի մնայ միացեալ: Սուրիական բանակը նաեւ քիւրտ զինեալներէն ստանձնեց Հալէպ նահանգի հիւսիսը գտնուող Թալ Ռիֆաաթ քաղաքի վերահսկողութիւնը: Աւելի՛ն, քիւրտ զինեալները Հալէպի մէջ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող թաղամասերը յանձնեցին սուրիական բանակին եւ Թալ Ռիֆաաթի քիւրտ զինեալներուն նման մեկնեցան Աֆրին:

Աֆրինի մէջ կ՛ուրուագծուի մեծ ճակատամարտ մը, սակայն անոր արդիւնքը չի կրնար փոխել այն, ինչ որ վերոնշեալ զարգացումներու լոյսին տակ արդէն վերածուած է հաստատ իրողութեան. Եփրատի արեւմտեան ափին վրայ քրտական գործօնը չէզոքացուած է: Բնաջնջումի իսկական վտանգին լոյսին տակ քիւրտերը հրաժարած են իրենց Ռոժավայի երազէն եւ զայն փոխարինած «Միացեալ Սուրիա» ու «սուրիացի ժողովուրդը մէկ է» կարգախօսով:

Այսպիսով, քիւրտերը իրենք զիրենք կը գտնեն մասնատուած ու անհեթեթ կացութեան մը մէջ: Եփրատ գետը զանոնք բաժնած է երկուքի. արեւելեան ափին վրայ գտնուողները Միացեալ Նահանգներու կողքին են, իսկ արեւմտեան ափի քիւրտերը, բացառութեամբ Մընպեժի քիւրտերուն, արդէն միացած են Սուրիոյ վարչակարգին եւ Իրանին: Անոնք ինքնաբերաբար նաեւ միացած են Աֆրինը թուրքերուն ծախած Ռուսիոյ:

Ամերիկացիները արդէն նշած են, որ քիւրտերուն պիտի աջակցին մինչեւ ՏԱՀԵՇ-ի ամբողջական պարտութիւնը, որ մօտալուտ է: Իսկ վե՞րջը… Ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ քրտական գործօնին վերջալոյսը: «Ֆորէյն Փոլիսի» կը գրէ, թէ ամերիկեան վարչակազմը կը պատրաստուի ջնջելու Միջազգային դաշինքին մէջ ամերիկացի պատուիրակի պաշտօնը: Վերջինս` յանձինս Պրետ ՄքԿըրքի, քիւրտերուն ու Ուաշինկթընի միջեւ հիմնական կապն է: Այդ պաշտօնի ջնջումը համազօր է ապահարզանի: Ամենայն հաւանականութեամբ, Եփրատի արեւելեան ափի քիւրտերը եւս հետեւին դիմացի ափը գտնուող իրենց եղբայրներու օրինակին: Անոնց ալ փրկութեան յոյսերը Դամասկոսն ու Թեհրանն են: Փրկութիւն մը, որ, հակառակ հրապարակային այժմու եւ ապագայ տօնախմբութեանց, իր մէջ կը պարունակէ յուսախաբութեան ու ձախողութեան դառն կսկիծը:

 

 

Ակնարկ. Աշխարհաքաղաքական Օրակարգերու Բաղադրիչներ`Սարգսեան-Աուն Հանդիպման Առանցքին

0
0

Լիբանանի  նախագահին Հայաստանի Հանրապետութիւն տուած այցելութեան եւ այդ առիթով միջնախագահական հանդիպումներէն բխած երկկողմանի յայտարարութիւններուն մէջ կան աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերաբերող խնդիրներու մասին նշումներ, ակնարկներ եւ բնականաբար երկու պետութիւներու դիրքորոշումներ, որոնք ուղղակի թէ անուղղակի համատեղելի կէտեր կ՛ընդգծեն։

Բնականաբար նախ շատ օրինաչափ պիտի նկատուէր եւ այդպէս ալ ընկալուէր, որ երկու նախագահները խօսէին երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան, միջպետական յարաբերութիւններու անցած ուղիին, տարբեր ոլորտներու ուղղութեամբ համագործակցութիւնը խորացնելու եւ այս բոլորին մէջ լիբանանահայ համայնքին ունեցած ուրոյն դերակատարութեան մասին։

Այդ բոլորէն անդին, քաղաքական հարցերու քննարկումը առիթ էր նաեւ կովկասեան եւ միջինարեւելեան տարածաշրջաններուն վերաբերող ամենաթէժ իրադարձութիւններուն անդրադառնալու եւ կարեւոր ընդգծումներ կատարելու։

Նախագահ Սարգսեան ներկայացուցած է արցախեան հիմնախնդիրը եւ հաստատած, որ երկու նախագահներուն աներկբայ համոզումն է, որ հակամարտութեան լուծումը կայացած պիտի ըլլայ արցախահայութեան իր պատմական  հայրենիքին վրայ ազատ եւ անվտանգ ապրելու իրաւունքին վրայ։ Այս յստակացումին անմիջապէս կը հետեւի Երուսաղէմի հարցի ակնարկը, ուր կ՛ըսուի, թէ նախագահները համաձայն եղած են, որ հանգուցալուծման մէջ ամէնէն կարեւորը բանակցային գործընթացն է եւ ուժի կիրարկման բացակայութիւնը։

Ապա անցում կատարուած է սուրիական ճգնաժամին, բարձր գնահատուած ահաբեկչութեան ու արմատականութեան դէմ պայքարին Լիբանանի ունեցած ներդրումը եւ սահուն անցում կատարուած՝ գաղթականներու հարցին, որ մեծ տարողութեամբ կը դիմագրաւէ Լիբանանը եւ աւելի նուազ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Նման օրակարգային կէտերուն ներառուած է նաեւ Լիբանանի խաղաղութեան եւ կայունութեան համար Երեւանի ընգրկումը ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութիւններուն։

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, սուրիական ճգնաժամի  եւ գաղթականներու վերաբերող թղթածրարներու բաժիններու արծարծումով նախագահ Աուն եւս գրեթէ միեւնոյն դիրքորոշումով շեշտադրումներ կատարած է։ Իր բաժինին մէջ կ՛աւելնան Լիբանանին ուղղուած Իսրայէլի սպառնալիքները, Լիբանանի նաւթային իրաւունքներու խնդիրը եւ մանաւանդ Լիբանանի ցամաքային եւ օդային սահմաններու պաշտպանութեան առաջադրանքին մէջ միջազգային ընտանիքէն Պէյրութի ակնկալած աջակցութիւնը։

Եթէ նկատի ունենաք նաեւ պաշտօնական ընթրիքին առիթով երկու նախագահներուն կատարած յայտարարութիւնները, գերակայ երկու հիմնահարցերուն` Արցախի ինքնորոշման եւ Ցեղասպանութեան ուղղութեամբ կան վերլուծական եւ այժմէական նշանակութիւն պարփակող յայտարարութիւններ։

Երբ կ՛ըսուի, որ  աներկբայ համոզում է, որ հակամարտութեան լուծումը կայացած պիտի ըլլայ արցախահայութեան իր պատմական  հայրենիքին վրայ ազատ եւ անվտանգ ապրելու իրաւունքին վրայ, կը նշանակէ պարզապէս, որ կը յարգուի արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը եւ  հայրենիքին պատկանելիութիւնը։

Հիմա մէջբերենք պաշտօնական ընթրիքին նախագահ Աունի կատարած յայտարարութեան հետեւեալ բաժինը: Ակնարկելով օսմանեան քաղաքականութեան` ան կը նշէ. «Այդ մտածելակերպը ուրիշին մէջ կը տեսնէր թշնամին, որ պէտք է սպաննել եւ ոչնչացնել անոր մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը: Այդ մտածելակերպը գործեց ամէնէն սարսափելի կոտորածները` պատճառելով միլիոնաւոր նահատակներ: Մեր երկու ժողովուրդներն ալ այդ մտածողութեան զոհերն էին: Հայ ժողովուրդը սուրով սպաննուեցաւ, լիբանանցի ժողովուրդը` սովի միջոցով: Ցաւօք սրտի այդ նոյն մտածելակերպը վերջին ժամանակաշրջանին վերստին երեւաց` խլելով հարիւր հազարաւոր զոհեր: Վստահաբար անցեալի կոտորածները չճանչնալը եւ անոնց հանդէպ պատասխանատուութեան բացակայութիւնը, անշուշտ, կը խրախուսեն ներկայ ջարդերը»։

Նախագահ Աուն հետեւողականութիւն կը ցուցաբերէ այս հարցին առնչութեամբ իր կատարած յայտարարութւներուն։ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով իր ելոյթին մէջ ան զուգահեռ կատարած էր 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան եւ 21-րդ դարուն միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ կրօնական արմատականութեան անունին տակ գործող ահաբեկչութեան կողմէ իրականացուող ցեղային զտումներուն միջեւ, քաղաքական ենթաթեքսթով փոխանցելով, որ միեւնոյն պետութիւնն է, որ օրին ուղղակի, այժմ միջնորդաւորուած կ՛իրականացնէ ցեղասպանական քաղաքականութիւն։ Իսկ վերջին հաստատումը, որ եթէ Ցեղասպանութիւնը միջազգային ընտանիքին կողմէ դատապարտուած ըլլար, կը կանխագիլուէր անոր կրկնութիւնը` պաշտօնական Երեւանի եւ ընդհանրապէս հայկական կողմին համար միշտ օգտագործուող տեսակէտ է։

Հայկական եւ լիբանանեան հիմնախնդիրներու համատեղելիութիւն գոյութիւն ունի։ Եւ այս մէկը ո՛չ միայն պատմական հարցերու կամ ժողովուրդներու բարեկամութեան վերաբերող երեւոյթներու, այլեւ այժմէական խնդիրներումակարդակով, որոնք աշխարհաքաղաքական ներկայ օրակարգի բաղադրիչներ կը նկատուին։

 «Ա.»

 

 

 

Զրոյցէն Ետք

0
0

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ.- Հիմա որ զրոյցը իր աւարտին հասաւ, աւարտեցա՞ւ անոր աւարտին հետ նաեւ… ամէն տագնապ, ամէն խօսք:

Այս զրոյցէն կարեւորագոյն ձեռք բերելին կրնայ ըլլալ հոս արծարծուած հարցերուն արտաբերումը, բանաձեւումը, յստակացում` կարելիութեան սահմաններուն մէջ: Կարելի էր ուրիշ զրուցավայր ընտրել, սակայն սուրիական պատերազմի ու յատկապէս Հալէպի կացութեան, անոր դերին ու անոնց մէջէն սփիւռքի հայկական ընդհանուր հարցերուն հասնելու յարմարագոյն վայրը նոյնինքն տեղի մամուլն է:

Պատերազմէն ու Հալէպէն, այսինքն նեղ ու անձուկ կացութենէն ու վայրէն մեկնելով դէպի ընդհանուր վայր ու ընդհանուր հայկական կացութիւն, թէեւ` յատկապէս մնալով սփիւռքի սահմաններուն մէջ,  երբեք չենք կրնար, այսօր, լաւատեսութեան ու դրապաշտութեան դրօշներ ծածանել, երբ մեր կեանքը ինքնաքանդումի լուրջ ճեղքեր ցոյց կու տայ մեզի: Այդ ճեղքերուն մատնանշումէն ետք միայն կարելի է պայքարիլ անոնց դէմ: Անոնց անտեսումը կա՛մ տհասութիւն է, կա՛մ ինքնախաբէութիւն: Առանց պայքարի` ախտաճանաչումն ալ ոչ ոքի օգուտ կը բերէ: Ախտաճանաչումէն առաջ` անոր զուգահեռ ու զայն զանցող պայքարը դարմանելու կոչում ունի: Դարմանումը երբեմն երկար ու երբեմն ալ կարճ ու հատու հոլովոյթ մըն է, նայած` պայմաններուն:

Զրոյցին երկայնքին փորձեցի հիմնական հարցերու հանդէպ արմատական կեցուածք ցուցաբերել: Անիմաստ լաւատեսութեան, անարմատ գովասանքի եւ անհիմն քննադատութեան արդիւնքը մեզ կրնայ անպատասխանատուութեան գիրկը նետել, եթէ արդէն իսկ չէ նետած: Որեւէ կացութեան պատասխան տալով կարելի է զայն հասկնալ: Սփիւռքի մէջ ինքնութեան մշտական կառուցումը կրնայ տեղի ունենալ` իբրեւ խմբական կամ անհատական իրականութիւն, լեզուով կամ անլեզու, մօտեցումի գաղափարալից կամ անգաղափար բովանդակութեամբ, աշխարհի ցանցային ու համացանցային գոյութեան նկատմամբ կեցուածք ունենալով: Աս է, որ կը թելադրեն նորագոյն զարգացումները, եթէ ականջ ունինք լսելու, աչք ունինք տեսնելու:

Այս բոլորը կը դիտուին սուրիական պատերազմին ու յատկապէս Հալէպի տագնապին բովին մէջ, բայց կ’անցնին անոնցմէ անդին, որովհետեւ պատերազմը կրնայ լարել մեր ուժերը, ստիպել, որ ապրինք ու նախկինէն աւելի լաւին դիմենք: Այս տեղի կ’ունենայ,  բնականաբար, երկու զուգահեռ զարգացումներով` Հալէպէն կամ Սուրիայէն ներս եւ դուրս: Դուրսը եւ ներսը ի՞նչ տեղի կ’ունենայ հիմա` կրնան ներսն ու դուրսը իրարու պատմել, իրարու փորձառութիւն փոխանակել` առանց այպանելու զիրար, առանց հեռանալու իրարմէ, առանց ուրանալու իրենց կապակցութիւնը` իր ներկայ բարդ ու բազմատեսակ զարգացումներով:

Վերջին կէտ մըն ալ` անհիմն լաւատեսութեամբ տարուած կոյր ընթերցողներուն: Շատ պատահաբար վերջերս դիմացս ելաւ Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքին մէջ հրատարակուած «Կիւդնոս» ազգային, գրական, գիտական եւ բարոյական կիսամսեայ հանդէսին առաջին թիւին խմբագրականը (Ա. տարի. 15 դեկտեմբեր 1913, թիւ 1, էջ 1-3): Եղեռնէն երկու տարի առաջ, ինծի անծանօթ խմբագիրը` Հ. Յ. Յակոբեան, Կիլիկիոյ հայութեան համատարած թրքախօսութեան հարցը կ’արծարծէ, կը քննադատէ, հայախօսութեան առիթներ կը փնտռէ եւ չի վարանիր ակնարկը նետել մինչեւ Շնորհալի ու Լամբրոնացի` սնուցման աղբիւրներ մատնանշելով: Ինչ որ հարիւր տարի առաջ կարելի էր, այսօր անորակելի վախերու մէջ կը խեղդուի: Այս իսկ պատճառով անհրաժեշտութիւն մըն էր այս զրոյցը:

 

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.- Զրոյցը գործը խթանող խօսքն է, տագնապի յաղթահարման ճամբաներ յուշող խօսքն է: Զրոյցը սկիզբ մըն է, որ լաւատեսութեան կամ յոռետեսութեան ժամանակաւոր սահմաններէն դուրս կը բերէ զրուցողներն ու զրոյցին ականջ տուողները եւ գործի կը մղէ:

Մեր այս զրոյցը վկայութիւն մըն էր, նաեւ` որ ներս եւ դուրս եզրերը աշխարհագրական եզրեր են միայն, ներսն ու դուրսը, իրենց տարբերութիւնները պահելով հանդերձ, միանալու, մերձենալու են, որովհետեւ տագնապը միայն ներսը ապրողին տագնապը չէ, իսկ տագնապողը դուրսինն ալ է յաճախ:

Հալէպին տեղն ու դերը ճակատագրական անցուդարձերու բերումով շեշտուած են, ու այդ շեշտադրումը կը կրկնուի այսօր: Հալէպը ինքնութեան կառուցումի պարարտ հողն ու միջավայրը ունի ու սփիւռքեան հարցերու լուծման նպաստելու ուղիները ունի. անոր համար է, որ կ՛աղմկէ, կը պոռթկայ ու յամառօրէն կը փորձէ իր ուժը վերագտնել: Ինքնանորոգումը, սակայն, առողջ ու կառուցողական քննադատութենէն ծնունդ կ՛առնէ: Քննադատը ցեխարձակումներ կատարողէն շա՜տ հեռու ու բոլորովին այլ տարածքի վրայ կը գտնուի. կառուցումը խթանողն է ան, ու ինք իսկ կը մասնակցի այդ կառուցումին:

Զրոյցին ընդառաջելով` պատերազմի բովին մէջ ապրողին իրավիճակը պարզել փորձեցի ու քայլ մըն ալ անդին երթալով` զրուցակիցիս տեսակէտները լսել եւ հասկնալ ուզեցի, թէ մեր տագնապը հայկական այս նեղլիկ միջավայրէն դուրս, համահայկական շրջագիծի մէջ ինչպէ՞ս կը դիտուի, ո՞ւր կը հանդիպին տագնապները, եւ ո՞ր դաշտերուն մէջ կրնան հանդիպիլ անոնց լուծման ուղղուած ճիգերը: Փորձառութիւններու փոխանակումի միջոցներէն մէկն ալ զրոյցն է, կը կարծեմ ու վստահ եմ, ականատեսն եմ նաեւ, որ զրոյցին ականջ տուող սրտցաւ ազգայինները, հաւատք ունեցողներն ու այդ հաւատքով գործի լծուողները չեն պակսիր մեր մէջ այսօր:

 

Կարծրատիպը Կոտրելով …

0
0

ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Տան դռնէն ներս մտնելու վրայ էի, երբ ինձմէ ոչ այնքան հեռու, պարտէզին մէկ անկիւնը անսովոր բան մը նշմարած` ես ինծի հարց կու տամ. պարա՞ն է, այդքան երկար, գունաւոր ու աղուոր, ո՛չ. գօտի՞ է, ո՛չ. ու ճշգրիտ ի՛նչ ըլլալը գիտնալու հետաքրքրութեամբ, կամաց-կամաց ու այնքա՜ն զգուշ իրեն մօտենալով` մատներովս զայն շօշափելու չհասայ, երբ յանկարծ շարժելու սկսաւ:

– Օ՛ձ է, օ՜ձ, Աստուա՛ծ իմ,- սարսափած պոռացի:

Ամերիկայի ամայացած փողոցներուն մէջ ձայնս լսող չկար, նոյնիսկ եթէ ըլլար, հայերէնով ըսածս հասկցող կա՞ր… ու անմիջապէս ըրած սխալիս անդրադարձած` անգլերէնով ձայնս բարձրացնել փորձեցի, բայց այդ մէկն ալ չեղաւ. վախէս լեզուս բռնուած էր արդէն. իրմէ այնքան հեռու կեցած, խայթուելու ամենափոքր հաւանականութիւնն անգամ չունենալով, չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ այդքան տակն ու վրայ եղայ, ու անընդհատ աջ, ձախ, ներս ու դուրս մտնել- ելլելով, ընելիքս չգիտցած, բայց աչքս երբե՛ք իրմէ չհեռացնելով` նկատեցի, որ մեծ քարի մը շուրջ ինքզինք փաթթելէ ետք, կամաց-կամաց սողալով` քովի տան պարտէզի կողմը ուղղուեցաւ. հոն, ուր երկու երեխաներ իրարու հետ կը խաղային: Անոնց հաշուոյն աւելի սարսափած` անմիջապէս դրացուհիիս դուռն է, որ կը թակեմ, ու հազիւ բացուած` թարգմանաբար ու քաշուած ձայնով մը վանկ առ վանկ կակազելով` «օ-ձ, օ-ձ, կայ հոն», մատովս ալ ցոյց տալով ըսի:

Երկուքով կարծես աւելի իրար անցանք, ու ի՞նչ ընելու կամ չընելու մեր տալիք որոշումին մէջ շուարած` դրացուհիս ճիշդ լուծումը գտաւ, ու անմիջապէս անասուններու հսկողութեան կեդրոն հեռաձայնեց: Արձակուրդի պատճառով գրասենեակը փակ էր: «Ուրեմն պէտք է, որ ոստիկանութեան լուր տանք», առաջարկեց: Այդպէս ալ ըրաւ, բայց պատասխանատու պաշտօնեաներուն համար եղածը մահու կենաց հարց չըլլալով` այնքան հանգիստ ու քիչ մըն ալ անհոգ.

– Երկու ժամէն ձեր քով կ՛ըլլանք,- պատասխանեցին:

– Բայց այդքան ժամանակ օձը իր տեղը չի մնար, այնպէս չէ՞…

– Կը փորձենք աւելի շուտ գալ,- աւելցուցին:

Ամերիկացիի մտայնութեամբ, այլեւս ընելիք չունենալով, դրացուհիս իր երեխաները հաւաքած, ներս կ՛անցնի, իսկ ես, ինչպէս միշտ, ունեցած ամէն տեսակ դժուարութիւններուս առջեւ, այս անգամ եւս, «ի՞նչ ընեմ» հարցուցած, եղբօրս` Յակոբին կը հեռաձայնեմ, որ սարսափած ձայնս լսելով`

– Դուն բան մըն ալ մի՛ ըներ, միայն ներս անցիր, ես հիմա կու գամ,- պատասխանեց:

– Բայց մինչեւ գալդ այդ սուղունը գիտե՞ս ուրտեղե՜ր կրնայ հասնիլ ու ճամբու ընթացքին, ի՜նչ ու ի՜նչ վնասներ կրնայ հասցնել…

– Ո՛ւր կ՛ուզէ, թող հասնի, ի՛նչ կ՛ուզէ, թող ընէ, բայց եթէ կը նախընտրես իրեն հետեւիլ, ուրեմն դուրս մնալով` շարունակէ զինք «վայելել», կատակեց:

Երկուքիս տուներուն միջեւ Ամերիկայի համար կարճ սեպուած հեռաւորութիւնը ինծի համար աւելիով կարճցած էր կարծես, երբ այնքան շուտ հասաւ ան, ու առանց ժամանակ կորսնցնելու, օգնութեան համար ամբողջ թաղին մէջ` բացի ինձմէ ոչ ոքի հանդիպած, փնտռտուքի մը մէջ ինկաւ… ու ինքնաշարժին մէջ հաստ երկաթէ ձող մը  միայն գտած` անով վիզին վրայ զօրաւոր հարուած մը իջեցուց ու ճնշած մնաց հոն, երբ մինչ այդ խեղճ սողունը իր ինկած թակարդէն ինքզինք ազատելու ճիգին մէջ, աքցանի պէս այնքան լայն բացուած բերանէն իր միակ զէնքը` լեզուն դուրս հանելով հոս-հոն կը զարնէր, բայց ապարդիւն… քանի մը վայրկեան ետք արդէն անշարժացած էր անիկա: Առաջատար Ամերիկայի մէջ, օրական տեսակ-տեսակ մարդասպանութիւններու կողքին, այս մէկն ալ ոճիր կը սեպուի՞ արդեօք, հապա՞ որ այդպէս է, ինքնիրենս, կ՛ըսեմ. ուրեմն, հակառակ մեր արեւելքցիի մտայնութեան, երկուքս ալ, մէկը որպէս կատարող, իսկ միւսը` ընկերացող, յանցաւորներ ենք. ահաւասիկ փորձա՜նք, կը մտածեմ, բայց անմիջապէս կը մխիթարուիմ, եղածին համար նուազագոյն վկայ մ՛իսկ չկար հոն. Ամերիկայի ամայացած փողոցներու վնասին պէս, այս մէկն ալ շահն է կարծես… Ու «այդ ամէնը ոչ ոք տեսաւ»-ի ուրախութեամբ, աւելի՛ն, նման «հերոսութիւն» անգամ մըն ալ չկրկնելու որոշումով մեր գործը վերջացուցած, այնքան արագ տոպրակի մը մէջ զայն դնելով` աղբաման կը նետենք:

Ներս կ՛անցնիմ ու մտածումներուս մէջ թաղուած` կը հասնիմ հոն, ուր մանկութեանս օրերուն մեծ քրոջս` Մարոյին հետ միասին ամառուան արձակուրդներուն մեր գիւղի տան բակին մէջ աղիւսէ շինուած պատերուն ներքեւ բացուած խոռոչները խառնշտկելով` իրեն հետ խաղալու համար մեր փնտռած թռչունին փոխարէն` երկուքով բարակ-բարակ թելեր գտած ու դուրս հանած էինք զանոնք, երբ հայրս վրայ հասաւ. իրականութեան մէջ պզտիկ օձի ձագուկներ էին անոնք, որոնց պատճառով այլեւս առանձին բակ ելլելը մեզի համար արգիլուելով` երկու ցաւցնող ապտակի ալ համը առինք, բայց «օձը մարդ կը մեռցնէ, օձէն հեռու պէտք է մնանք» մեզի տրուած խրատականով մը ու մէյ մըն ալ մեր ձեռքը որեւէ տեղ չմտցնելու խիստ ազդարարութեամբ, հօրս հետ միասին, երկու մեծ յանցաւորներու պէս, անչափահասներու մեր դատավարութեան վերջ տրուած` ներս կ՛անցնինք:

Այդ օրէն ասդին օձին հանդէպ մէջս թաքնուած վախն ու նախզգուշութի՞ւնն էր, որ զիս այդքան իրար անցուց, չեմ գիտեր. բայց երկու պարագաներուն ալ, մանկութեանս օրերուն ու յատկապէ՛ս այդ օրը, օձը ինծի չէ վնասած. ու վստա՛հ եմ, որ միշտ իր ճամբան բռնած, կամաց-կամաց սողալով` ինքն իր որջը կը գտնէ, ու հոն մտած` ոչ ոքի կը վնասէ, եթէ իրեն չմօտենաս. ի տարբերութիւն կարգ մը մարդոց, որոնց մօտենաս կամ ո՛չ, կը վնասեն, քեզ փաթթած` կ՛ատեն, իրենք զիրենք ամէն մարդէ վեր դասած` բարձրացած ոտքերդ վար կը քաշեն, խօսքով կը խայթեն, կը թունաւորեն, ու ոչ ոքի հանդուրժած, օգնելու կամ բան մը շինելու փոխարէն, կը վնասեն ու ամէն ինչ կը քանդեն…

Անցեալի, իմ ու ինծի նմաններու մտքին մէջ, մանկութեան օրերէն ի վեր այդ սողունին հանդէպ մեզի թելադրուած ու մեզի հետ մեծցած վախն ու նախզգուշութիւնը, այսօրուան կեանքի մէջ մարդ դիտելու ու ճանչնալու մեր ձեռք բերած փորձառութեան վրայ վստահած, երկարամեայ այդ կարծրատիպը կոտրելով կ՛ըսեմ.

– Օձէ մի՛ վախնաք, մարդ-օձերէ վախցէ՛ք:

 

 

«Բարին» Ընել…

0
0

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտայի շրջանի դպրոցներէն մէկուն մէջ պատահած «սպանդը» իր կրկնուող հոլովոյթներուն մէջէն եկաւ դարձեալ յուզելու տեղացի ժողովուրդը, բայց նաեւ` աշխարհը ամբողջ: Եւ կը սկսիս մտածել, թէ այս կրկնուող ողբերգութիւնը մէկը միւսին ետեւէն ո՞ւր կրնայ առաջնորդել մարդկութիւնը: Կայ նաեւ նոյն կրկնուող յանկերգը, թէ սպաննողն ու նախկին պատահած նման ոճիրներ գործողները «խելագարած» ու տակաւին «հոգեկան խանգարումէ» տառապող անձիք են: Այս հոգեվիճակով անձիք կրնան մտնել անմեղ դպրոցական շէնք մը եւ սպաննել նոյնքան անմեղ մանուկներ եւ պատանիներ. Ֆլորիտայի պարագային` աւելի քան տասնեօթը մահ եւ նոյնքան մըն ալ վիրաւոր:

Եւ հարց կրնաս տալ. «Ո՞ւր կ՛ուղղուի աշխարհը ներկայ ժամանակներուն մէջէն»:

Այս ողբերգական վիճակները իրենց տարբեր պարունակներով ակնյայտ կը դառնան քիչ մը ամէն տեղ: Իմ երկար տարիներու վրայ երկարած ճամբորդական աշխատանքներուս ընթացքին, ուր որ այցելած եմ, տեսած եմ այս դժուար վիճակը քիչ մը ամէն տեղ: Եթէ պատերազմական ողբերգութիւններ, բայց նաեւ` քաղաքական-ապահովական մարտահրաւէրներ ու տակաւին, ի՜նչ խօսք, տնտեսական-ընկերային բարդ իրավիճակներ: Եւ դարձեալ կը ստիպուիս հարց տալ. «Աշխարհի ո՞ր կողմը ապահով է ապրիլ այս օրերուն…»: Եւ այս կ՛ըլլայ իմ հարցումը իւրաքանչիւր երկրի պարագային, երբ կը հանդիպիմ տեղական պայմաններուն ալ աւելիով կը համոզուիմ, որ աշխարհը դժուար վիճակներու մէջ է:

Դարձեալ` Ֆլորիտան եւ իր ողբերգութիւնը: Տեղեկատուութեան ցանցերը խճողուած են այս լուրով: Չեն զլանար իւրաքանչիւր պատկեր ներկայացնելու իր հարազատութեամբ… տակաւին` իւրաքանչիւր ականատես եւ զոհուած պատանիներու ծնողք: Բայց միտքս եւ երեւակայութիւնս պիտի շեղին դէպի նոյնանման ողբերգութիւններ` այլ տարածաշրջաններու մէջ: Անոնց մէջէն յատկանշական է ներկայիս տեղի ունեցող Եմէնի ողբերգութիւնը, եւ` այն բազմաթիւ երեխաները, որոնք կը մահանան ու կը սպաննուին պատերազմին պատճառով ու անոր հետեւանք համաճարակ հիւանդութիւններու եւ բժշկական ու դեղորայքի անբաւարարութենէն: Այս նոյնանման ցաւալի եւ դժբախտ պատահարներուն մէջ ո՞ւր են աշխարհը եւ անոր տեղեկատուութեան ցանցերը, որոնք պիտի ներկայացնեն նաեւ Եմէնի եւ այլ  շրջաններու մանուկներու ողբերգական վիճակները եւ անոնց ալ մահը…

Ու` դարձեալ Ֆլորիտան: «Խելագարած» եւ կամ «հոգեկան խանգարումով» տղան ու տղաքը, որոնք յենելով «զէնքի» մշակոյթին` կը սպաննեն մեծ թիւով անմեղ հոգիներ: Բայց ինչպէ՞ս զարգացաւ այս մշակոյթը…

Եւ արժէ կեանքի պատմութեան սլաքը տանիլ քիչ մը ետեւ` մեր մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերու մշակոյթներուն: Հեռատեսիլի եւ պատկերասփիւռի այն օրերու արտադրած ժապաւէնները եւ անոց դրուագները, որոնք  որքան անմեղ էին ու բարոյական կեանքեր կերտող մշակոյթներ: Եթէ կը սիրէի  «Պոնանզան» ու, տակաւին, «Հայ շափարալը» եւ, ինչ խօսք, «Մանիքս»-ն ու աւելին, բայց անոնք հիմնուած էին շարժապատկերի արուեստի կենցաղի մը վրայ, որոնք կը սորվեցնէին մեզի ընկերային ու ընտանեկան կեանքերու բովանդակութիւն, որ կը դառնար նաեւ այն օրերու մշակոյթ: Մշակոյթ մը, որ հեռու էր արիւնէ, վայրագութենէ եւ սպանդէ… Եթէ նոյնիսկ այն օրերու ժապաւէններուն մէջ կար քիչ մը «կռիւ», բայց անոնք նոյնքան անմեղ էին…

Բայց կայ կեանքի պարտադրած իրականութիւնը, թէ` կեանքը կայուն չէ, այլ կը շարժի եւ կ՛երթայ յառաջ: Յառաջը զարգացումն է եւ անոր հետ` փոփոխութիւնները. իմ ու մեր բոլորին կեանքերը, որոնք կը յառաջանան, կը փոխուին, եւ փոխուելուն հետ կու գան զարգացումները եւ անոնց ստեղծած նոր մշակոյթները:

Եւ այս նորերուն մէջն է տեղեկատուութեան ստեղծած ներկայ օրերու մշակոյթը: Նորը, որուն մէջ կայ այսքան զէնք, կոտորած, աւեր, մահ ու սպանութիւն: Որքա՞ն փոխուեցան շարժապատկերի արուեստի ու տեղեկատուութեան բովանդակութիւնները` մեր պատանեկան օրերէն մինչեւ այսօրը, ուր արիւն  ու աւերը եղան մեր այսօրուան մշակոյթը: Անոնք այսօր եղած են մեր կեանքերուն մէկ մասը, կամայ-ակամայ կատարուած իրողութիւններ, որոնք դարձան «ընդունելի» արժէքներ` մեր աշխարհի ներկայ օրերու չափանիշներուն…

Բայց կան, տակաւին, հոգեբանական ու ընկերային իրավիճակները: Մարդիկ այսօր շատ աւելի մինակ ու առանձին կը զգան, քան` անցեալին: Եւ կեանքի ու ճարտարարուեստի այս յառաջխաղացքին մէջ մինակութիւնը դարձած է պայքար… Անգլիա այսօր կը համարուի աշխարհի առաջին երկիրներէն, ուր մարդիկ ամէնէն շատ մինակ կը զգան եւ կ՛ապրին: Այն աստիճան, որ կառավարութիւնը իր պետական վարչամեքենային մէջ հիմնած է «առանձնութեան» նախարարութիւն` հետաքրքրուելու համար այս ընկերային աղէտալի հիմնահարցին: Ու տակաւին, չհաշուած` զիրար հրմշտկող հոգեբանական ու ընկերաբանական այլ իրավիճակներ, եւ` քիչ մը ամէն տեղ…

Եւ դարձեալ իմ երկար տարիներու վրայ երկարած բոլոր ճամբորդութիւններուս եւ հանդիպումներուս լսած ու տեսած այս տարբեր կեանքերու այլազան յառաջխաղացքներուն մէջէն արժէ հարց տալ. «Ի՞նչ պիտի ընել»:

«Բարին» ընել եւ անպայմանօրէն շարունակել «բարին» ընել: Այն «բարին», որով Աստուած ստեղծեց աշխարհն ու անոր էութիւնը: Աստուած աշխարհը չար չստեղծեց: Չարը, դժբախտաբար, մարդուն հնարքն է…

Եւ պէտք է «բարին» ընել, որպէսզի Աստուծոյ ստեղծած «բարի» աշխարհը վերադառնայ ու գտնէ իր տեղը… Եւ այս նոյն մարդուն գործն է: Ա՛յն մարդը, որ այսօր այլ մշակոյթներ կը հետապնդէ ու կը ստեղծէ: Նոյն մարդը կրնայ եւ պարտի «բարին» ընել, որպէսզի ստեղծագործութեան «բարիի» հիմքը եւ էութիւնը զօրանայ: Եւ աշխարհ աւելի լաւ տեղ մը ըլլայ ապրելու:

Ֆլորիտայի աղէտէն ետք կար տխուր եւ ոչ իրական այս դիպուկ կատակը, որ դրուած էր շրջագայութեան մէջ: Սպաննուած մանուկներուն մէկուն մայրը կը հարցնէ Աստուծոյ. «Ինչո՞ւ չկասեցուցիր այս սպանդը Ֆլորիտայի այս դպրոցին մէջ»: Եւ Աստուծոյ պատասխանը. «Ես այդ դպրոցին մէջ ընդունուած չեմ»:

Աստուծոյ ստեղծած աշխարհը ունի իր մշակոյթը, որ «բարիին» մշակոյթն է: Բայց մարդը ստեղծեց եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ ստեղծել իր աստուածները, որոնց մշակոյթը այլ է. մարդը հեռացուց «բարին» ստեղծագործողը իր անհատական եւ հաւաքական կեանքէն եւ մէջտեղ հանեց նոր ստեղծագործութիւն մը, որուն մշակոյթը աշխարհը վերածեց անելի…

Բայց այսօր աշխարհը պէտք ունի դառնալու ստեղծագործողի մշակոյթին` «բարիին»…

«Բարին» պէտք է ընենք, որպէսզի կերտենք եւ ա՛լ աւելիով զօրացնենք նոյնինքն «բարիի» մշակոյթը:

Ֆլորիտայէն մինչեւ Եմէն ու տակաւին… Կայ անմեղ կեանքերը պահելու գրաւականը: Ու կայ, տակաւին, կեանքեր շինելու եւ զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը, ուր մինակութիւնը կը վերանայ, եւ մարդը կը գտնէ իր ապրած ու ապրելիք կեանքերուն համար նպատակ ու արժէք:

«Բարին» ընել,  որպէսզի «բարիին» մշակոյթը կերտենք եւ մարդկային կեանքերը դառնան արժէք, որուն համար արժէ ապրիլ նոյնինքն այս կեանքը…

Կեանքը «բարին» ընելու եւ ստեղծելու տեսլականովը…  Եւ այս  «բարին» դնել կեանքի յառաջխաղացքին ու փոխոխութիւններու հոլովոյթներուն մէջ` որպէս ապրող ու ապրելու համար նոր մշակոյթ:

 

 


Աշխարհիկութիւնը Յառաջդիմական Կուսակցութիւններու Ծրագիրներուն Մէջ

0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ       

Ա.- Չիլիի Արմատական Ընկերվար-Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Օրինակը

Ընդհանուր առմամբ, քաղաքականութեան մէջ (19-րդ դարէն սկսեալ) սուր պայքար կայ կղերապետական-աստուածապետական եւ աշխարհիկ ուժերու միջեւ` կրօնի քաղաքական դերակատարութեան շուրջ: Գաղափար ունենալու համար, թէ իւրաքանչիւր յառաջդիմական կուսակցութիւն, համաձայն` իր ազգային-մշակութային, պետութեան քաղաքակրթական եւ շրջանային ու տեսական արժէքներուն, ինչպէ՞ս յաջողած է կիրարկել աշխարհիկութիւնը, այս եւ յաջորդ յօդուածներով կը ներկայացնեմ օրինակները շարք մը կուսակցութիւններու, որոնք յաջողեցան աշխարհիկութիւնը տեսականէն վերածել գործնականի: Կը սկսինք Չիլիի օրինակէն:

Չիլին 1925-էն սկսեալ աշխարհիկ պետութիւն կը նկատուի` նոյն տարուան ընթացքին լոյս տեսած սահմանադրութեան շնորհիւ: Աշխարհիկ համակարգի հիմքերու ծրագրման ու ստեղծման առաջին ճարտարապետը եղաւ Արմատական կուսակցութիւնը (այսօրուան Ընկերվար-ժողովրդավարական արմատական կուսակցութիւնը նախորդող ուժը), որ Չիլին դարձուց աշխարհի ամէնէն աշխարհիկ պետութիւններէն մէկը:

Ընկերվար-ժողովրդավարական արմատական կուսակցութեան «Սկզբունքներու հռչակագիրը» կը նշէ. «Չիլիի Արմատական կուսակցութիւնը աշխարհիկ ընկերակցութիւն մըն է, որ բաղկացած է ազատամիտներէ եւ բիւրեղացած մտածելակերպով համոզմունքներ ունեցողներէ: Անիկա հիմնուած է 1863-ին` պայքարելու համար յանուն ազատութեան, հաւասարութեան, եղբայրութեան ու ժողովրդավարութեան, եւ այդ պայքարը կ՛ենթադրէ ընկերվարութիւն, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը մասնակից կը դարձնէ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին` մնայուն փոփոխութիւն յառաջացնելով, հիմնուած ըլլալով համամարդկային գաղափարներու, բանապաշտութեան, աշխարհիկութեան եւ բնութեան յարգանքի համընդհանուր սկզբունքներուն վրայ»: Նշեալ տողերը կը յստակացնեն, թէ որքա՛ն արժէքաւոր է աշխարհիկութիւնը` իբրեւ ծրագրային ու գործնական հիմք, Չիլիի արմատականներուն համար, ինչպէս նաեւ կը շեշտեն այդ գաղափարին գրաւած մեծ տեղը անոնց գաղափարական-տեսական ըմբռնումներուն մէջ:

Աւելի խորանալով արմատականներու աշխարհիկութեան տեսութեան մէջ` կ՛արժէ դիմել Արմատական կուսակցութեան «Քաղաքական տեղեկատուական ազգային դպրոց»-ին հրատարակած «Մարդկութիւն եւ աշխարհիկութիւն» գրքոյքին, որ աւելի կը բացատրէ արմատականներու աշխարհիկութեան ըմբռնումը: Այդտեղ կը կարդանք հետեւեալ տողերը. «Պատմականօրէն արմատականներու սկզբունքներուն մէջ կարեւորներէն մէկը եղած է աշխարհիկութիւնը: Աշխարհիկութիւն ըսելով` կը հասկնանք այն մտածելակերպը, միտքը կամ հոսանքը, որ անկախ է դաւանականութենէ, ինչ որ կը նշանակէ հասարակութիւն մը` առանց կրօնական-դաւանական միջամտութեան»: Գրքոյկը նաեւ աշխարհիկութեան կ՛անդրադառնայ կղերական ակնոցով եւ կը պատասխանէ կղերական դասին թիւր պատկերացումներուն` գրելով. «Սկիզբէն ի վեր աշխարհիկութիւնը յարձակման ենթարկուած է կղերականութեան կողմէ այն պատճառով, որ իբր թէ աշխարհիկութիւնը յարձակում կատարած է ընդդէմ եկեղեցւոյ հասարակական ազդեցութեան: Աշխարհիկութեան համար աւելի կարեւոր է անհատի խղճի-դաւանական ազատութիւնը, քան հակառակորդի դիրք բռնելը` կրօնին նկատմամբ»: Քննելով աշխարհիկութեան կարեւորութիւնը զուտ կուսակցական (արմատականներ) տեսանկիւնէն` գրքոյկին մէջ կը նշուի. «Մենք շեշտը կը դնենք աշխարհիկութեան պաշտպանութեան վրայ այն իմաստով, որ անիկա մեզի թոյլ կու տայ սահմանել մեր ազատութիւնն ու նուազագոյն յարգանքը, որ ժողովրդավարական հասարակութիւնը կը պահանջէ, եւ անոնք կարեւոր սիւներ կը դառնան ըմբռնելու համար ժողովրդավարութիւնն ու ընկերվարութիւնը, որոնք առանց անհատական ազատութեան` ըմբռնելի չեն դառնար»:

Ինչ կը վերաբերի Չիլիի արմատական երիտասարդութեան (Արմատական ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան երիտասարդական թեւը), անոնք ժողովրդավարութեան եւ ընկերվարութեան կողքին, իրենց գաղափարական երրորդ հիմքը դարձուցած են աշխարհիկութիւնը: Անոնք «Մենք համամարդկային աշխարհիկներ ենք» խորագիրով գրութիւն մը տեղադրած են իրենց պաշտօնական էջին վրայ եւ անոր մէջ ընդգծած են. «… մենք կը պաշտպանենք ազատութիւնը իր բոլոր ուղղութիւններով եւ կը մերժենք կրօնական ու բարոյական վարդապետութիւնները, յատկապէս երբ անոնք կը պարտադրուին հանրութեան` ի վնաս անհատական ազատութեան»:

Այս բոլորը կը վերաբերէին արմատականներու տեսական-ծրագրային հասկացողութիւններուն: Ինչ կը վերաբերի գործնականին, արմատականները իրենց հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն յայտարարած են, որ կը հետապնդեն «աշխարհիկութեան ամրապնդում»-ը: 1830-ին հաստատուած Տիեկօ Փորթալեսի բռնատիրական կառավարութիւնը հիմքը կը դնէ պահպանողական ժամանակաշրջանի մը, երբ Չիլին կը գտնուէր կղերականութեան մենաշնորհին ներքեւ: Մենաշնորհեալ այդ խաւին ներկայացուցիչները զրկանքի ենթարկեցին ոչ կաթողիկէ քաղաքացիները` ամուսնութեան, ծննդեան գրանցման եւ թաղման իրաւունքներէն օգտուելու առումով: Արմատականները իրենց մեծագոյն ներդրումը կը բերեն Չիլիի պատմութեան մէջ 1880-ականներուն, երբ անոնք քաղաքացիական հիմքի վրայ կ՛օրինականացնեն ամուսնութիւնը, նորածիններուն արձանագրութիւններն ու գերեզմանատուները` հիմը դնելով Չիլիի քաղաքացիական-աշխարհիկ համակարգին:

Եզրակացնելու համար մեր միտքերը արմատականներու կողմէ կերտուած Չիլիի աշխարհիկ համակարգին մասին` կը վերադառնանք «Մարդկութիւն եւ աշխարհիկութիւն» գրքոյկին մէջ տեղ գտած հետեւեալ տողերուն. «Չիլիի աշխարհիկութիւնը հիմնուած է աստիճանական հոլովոյթի մը վրայ, որ կը պարունակէ հիմնարկային եւ ոչ թէ մշակութային մակարդակը. անոր նպատակը եղած է եկեղեցին հեռու պահել կեանքի ամէնէն տարրական հարցերէն»:

 

 

100-Ամեակ Դիմաւորել – 7. Տողեր Եւ Խօսքեր, Որոնք Կը Լուսաւորեն Մեր Ճամբան

0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Դէպի տուն

Խօսքերը պէտք է լսել, գրուածը պէտք է կարդալ եւ հասկնալ: Եթէ այս չընենք, կը տարուինք ասդին-անդին ըսուած-կրկնուած անհիմն կարծիքներով, անհետեւանք մնալու կոչուած կարգախօսներով: Ի հարկէ խաբկանքով պէտք չէ առաջնորդուիլ, բայց նաեւ համեստութիւն պէտք է ունենալ մեր կարծիքներուն եւ տեսակէտներուն հիմնաւորում տալու համար, երբեմն փորձել տեղեկանալ, նաեւ ընդունիլ, որ ճշմարտութեան մենաշնորհը չունինք:

Մեր ժողովուրդի վերջին հարիւր տարուան պատմութեան եւ ներկայի կացութեան մասին կան այնքան բազմապիսի կարծիքներ, որոնք կը դառնան քարացած տեսակէտ, որ երկխօսութիւնը եւ լուսաբանութիւնը կ՛աւազախրին: Ամէնէն յատկանշականը ներկայ Հայաստանի նկատմամբ մեր բացասականութիւնն է, յոռետեսութիւնը, որ անպայման իրատեսութիւն չէ, այլ յաճախ անհանգիստ չըլլալու միտող ինքնարդարացման փորձ, այսինքն` ընթանալ հայրենալքման ճամբով, կամ խորհիլ` որ սփիւռք-ազգ կրնայ գոյութիւն ունենալ եւ տեւել:

Բոլոր անոնք, որոնք քանի մը տասնամեակէ ի վեր Հայաստան կ՛երթան եւ կու գան, ժողովներու կը մասնակցին, հեռատեսիլէն, ձայնասփիւռէն կը խօսին կամ յօդուածներ կը գրեն, գէթ այս տարի, անդրանիկ անկախ Հանրապետութեան հարիւրամեակի առիթով, օգտակար պիտի ըլլար, որ ծանօթանային այդ օրերու կացութեան, իրավիճակին, տուեալներուն` ներկային հանդէպ լաւատեսութեամբ վերաբերում ճշդելու համար:

Անդրանիկ անկախ Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան ծաւալուն հատոր մը ունի` «Հայաստանի Հանրապետութիւն»: Շտեմարան գիտելեաց մը, ժամանակակից հայուն համար, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), հոն ներկայացուած իրողութիւններ, մարդիկ եւ կացութիւն: Եթէ այդ օրերու դժուարութիւնները եւ անյոյս վիճակը այսօր ըլլային, Հայաստան կը դատարկուէր եւ հայրենասիրական զգացումներով տոգորուած զբօսաշրջիկներն ալ ո՛չ Հայաստան,  ոչ Արցախ կ՛երթային:

Հարիւրամեակը ժամանակակիցներուս պիտի յիշեցնէ, որ այդ բուռ մը հողին վրայ, հայ ժողովուրդը, ինչ որ մնացած էր հողին վրայ, որուն վրայ գումարուած էին Ցեղասպանութենէն ճողոպրածները, խուճապի չմատնուեցան, չլքեցին հայրենիքը, մնացին, մայրաքաղաքէն եօթը քիլոմեթր հեռու գտնուող թիւրքական թնդանօթները հայերը չքշեցին դէպի Աւստրալիա, Քանատա, Լոս եւ այլուր: Հայրենատէր էին: Ղեկավարութիւնը տուաւ օրինակը, վարչապետի որդին զոհուեցաւ եւ ինք անմիջապէս վերադարձաւ իր պաշտօնատունը:

Հայաստանի վարչապետ Սիմոն Վրացեանի այդ հատորին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Նրա (հանրապետութեան, Յ. Պ.) հողի տարածութիւնը, մօտաւորապէս, 12.000 քառակուսի կիլոմետր էր, բնակչութեան թիւը, գաղթականներով միասին` մօտ մէկ միլիոն: Եւ… մայրաքաղաքից եօթը կիլոմետր հեռու` երեւում էին թիւրքական թնդանօթները»: (Սիմոն Վրացեան, «Հայաստանի Հանրապետութիւն» Բ.  տպագրութիւն, 1982, Թեհրան, էջ 156):

Այս հարիւր տարի առաջ էր:
Առանձնացնենք երեք կէտեր.
– Տարածութիւն` 12.000 քառ. քմ:
– Բնակչութիւն` մէկ միլիոն` գաղթականներով:
– Երեւանէն եօթը քիլոմեթր հեռու` թիւրքական թնդանօթները:

Այդ ահաւոր կացութեան մէջ, մարդիկ իրենց ճամպրուկները շալկած չհեռացան հայրենիքէն: Ղեկավարութիւնը մնաց եւ պահեց ժողովուրդը: Նուիրեալ անձինք: Այդ անունով գիրք ունի Սիմոն Վրացեան:

Պատմութիւնը ծանօթ է: Համայնավարական յեղափոխութիւնը վերջ տուաւ ցարական կայսրութեան: Անդրկովկասի երեք ժողովուրդներով, Հայաստան, Վրաստան եւ Ազրպէյճան, կազմուեցաւ Համադաշնակցութիւն մը, որ ինքզինք օժտեց ընտրուած խորհրդարանով, յառաջացուց կառավարութիւն, վրացի, հայ եւ ազրպէյճանցի նախարարներով: Ցարական բանակի  քայքայման բացը լրացնելու համար կազմուեցաւ նաեւ բանակ, որ պիտի պաշտպանէր նորաստեղծ քաղաքական միաւորի սահմանները, ընդդէմ թրքական ուժերուն:

Պատմական այդ խառնակ վիճակի ուսումնասիրութիւնը այսօր ալ օգտակար է: Համադաշնակցութեան անդամ Ազրպէյճանի համար թրքական բանակներու սահմանին վրայ ներկայութիւնը ոչ մէկ վտանգ կը ներկայացնէր, ընդհակառակն, նեցուկ էր: Վրաստանը, ինչպէս այսօր, կը գծէր իր ուրոյն ճանապարհը, կը ձգտէր ունենալ Գերմանիոյ աջակցութիւնը, ինչպէս այդ փորձեց Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու նեցուկին համար:

Այդ դժուար օրերուն ազգովին չյաջողեցանք վտանգներուն դէմ միանալու: Հեռուն նստած իմաստուններ կրնան վերլուծումներ ընել, ըրին, որոնցմէ ամէնէն յատկանշականը այն էր, որ անկախութեան պատրաստ չէինք: Բայց երբ Վրաստան եւ Ազրպէյճան անկախութիւն հռչակեցին, Հայաստանը, օրուան պատասխանատուները միթէ՞ այլընտրանք ունէին: Պատմութիւնը ժողովուրդի մը դուռը չի բախեր ըստ նախապէս որոշուած ժամադրութեան: Մեզի անմիջականօրէն ծանօթ պատմութիւնը այդ մասին կը վկայէ: Ո՞վ անկախութեան պատրաստ էր 1980-ին, 1990-ին… Աշխարհ հաշտուած էր հզօր Խորհրդային Միութեան ներկայութեան…

12.000 քառակուսի քիլոմեթր Հայաստանը դիմացաւ, աճեցաւ: Մանաւանդ, պէտք է արձանագրել, որ այդ Հայաստանը բանակցեցաւ եւ մեր պատմութեան եւ երկրի կազմութեան համար կարեւորագոյն դաշնագիրը ձեռք բերաւ, Սեւրի դաշնագիրը: Հայոց հայրենիքի սահմաններու լրացման եւ ճանաչման համար ցարդ մեր ունեցած միջազգային ամէնէն կարեւոր փաստաթութը, որ միշտ պէտք է գտնուի հայ քաղաքական գործիչներու թղթապանակին մէջ, որուն մասին պէտք է խօսին լրատուամիջոցները, որ մաս պէտք է կազմէ կրթական ծրագիրներու:

Այդ դաշնագիրը յանձնառութիւնն էր այդ օրերու մեծ տէրութիւններուն, ինչպէս կ՛ըսուէր, որոնք այսօր ալ կը գտնուին աշխարհի ճակատագիրը որոշողներու դիրքերուն վրայ: Անոնց դռները բախեցինք եւ կը բախենք ցեղասպանութեան ճանաչման համար, բայց ոչ հայրենահանման սրբագրութեան եւ ոչ ալ իրենց յանձնառութիւնները յարգելու պահանջով:

Այդ դաշնագիրը, անդրանիկ անկախ հանրապետութեան կարեւորագոյն աւանդն է, այսօրուան եւ գալիքի համար: Կարեւոր է նաեւ սփիւռքեան նախաձեռնութիւններուն համար: Ան յամառօրէն հետապնդած Ցեղասպանութեան ճանաչումներու արշաւներուն մէջ առաջնահերթութիւն պէտք է ունենայ եւ չունի: Ճանաչումներով մեզ օրօրող երկիրները` Ամերիկան, Ֆրանսան, Անգլիան եւ միւսները, պիտի գիտնան, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը փլասեպօ (placebo) է, անվնաս դեղահատ, որ ոչ մէկ հարց կը լուծէ, մանաւանդ` իրաւունք չի վերականգներ:

Սեւրի դաշնագրի նուիրուած գրքոյկներու վրայ յաճախ տեսած ենք անգլերէն բացատրութիւն մը, Վուտրօ Ուիլսընի նկարին հետ. These lands belong to Armenia, «Այս հողերը կը պատկանին Հայաստանին»: Այդպէս վճռած  էր Խաղաղութեան վեհաժողովը, Թուրքիան ալ ստորագրած էր:

Անդրանիկ Հանրապետութեան հարիւրամեակը մեր շրջանակէն դուրս գալով, քաղաքական պահանջի եւ կարգախօսի պիտի վերածէ՞  These lands belong to Armenia-ն:

Եթէ չյիշենք եւ չյիշեցնենք, արդէն հանրային կարծիք եւ շահախնդրուած պետութիւններ, եթէ չեն մոռցած անգամ, կը մոռնան: Մեզի ալ մոռցնելով:

Տուեալները եւ կացութիւնը ի՞նչ կը կարծէք, որ պէտք է թելադրեն հայերուն, անոնք գտնուին Հայաստան թէ սփիւռքներ:

Հեռուէն դիտելով եւ հայրենալքումով ազգ եւ երկիր կը պահուի՞ն:

Պատմութեան շահ վնասի տոմարը փակա՞ծ ենք:

Հարիւրամեակի տօնախմբութիւն եւ հոգեպարար ճառ, գերանցելով սպառողական ընկերութեան բարիքները եւ անոնց առթած քաղքենիական ընդարմացումը, ազգակերտ նախաձեռնութիւններու մեկնակէտ կ՛ըլլա՞ն:

Գերանցելով նաեւ մեր, հին, հինցած եւ բանավէճային անօգուտ կողմնապաշտութիւնները կերակրող շատախօսութիւնները:

 8 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

Ալիեւի Ականջ Ցաւցնող Զառանցանքը . Արդեօք Օր Մը Կրնա՞յ Փրկել Իր Յանցանքը

0
0

ՀԱՄԲԻԿ  ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ  

Հայաստանի արեւելեան հարեւան Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւ, կ՛իմանանք, որ արթնցած է իր ձմեռնային թմբիրէն եւ հիմա խոր ներշնչանքի եւ ոգեւորութեան մէջ է: Վերջերս, Պաքուի մէջ, երբ  «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութիւնը կ՛ունենար իր արտահերթ համագումարը, նախագահ Ալիեւ,  որ կը պատրաստուի կանխահաս ընտրութիւններու եւ ներկայացուցած է իր թեկնածութիւնը նախագահական աթոռի համար, ժողովի ընթացքին թեւ թռիչք ստացած, բարձրաձայն սպառնացած է հայերուն` յայտարարելով, թէ «Երեւանն ու Զանգեզուրը մեր պատմական հողերն են, եւ թէ` կարելի չէ մոռնալ պատմական հողերը»:

Ապրի՛ս, Իլհա՛մ, ապրի՛ս… ձայնդ  հասաւ մինչեւ Անգարա, մինչեւ մեծ եղբօրդ ականջը, բայց ան դժբախտաբար հիմա պարապ չէ քեզ լսելու… ան գերզբաղ է, մինչեւ կոկորդը մխրճուած է սուրիական տիղմին մէջ, եւ իր քաջ «մէհմէթճիք»-ը  քանի մը շաբաթէ ի վեր կը փորձէ մտնել քրտական Աֆրին… բայց միշտ ալ զոհեր տալով` կը նահանջէ. ուստի, ան հիմա քաջալերուած չէ  քու մեծամտութեամբ,  պարո՛ն Ալիեւ..

Իր խօսքը ընդհանրապէս երիտասարդ ազերիներուն ուղղող, Ազրպէյճանի համարձակախօս, անվախ ու բարձրահասակ  նախագահը, չենք գիտեր, այդ օր խմա՞ծ էր, թէ՞ գինով էր, կամ լաւ քնացա՞ծ էր, թէ՞ ոչ: Կը խորհինք, որ Ալիեւ այդ օր տակաւին իր տեսած երազին ազդեցութեան տակ էր:

Իր չնաշխարհիկ յորդորը լսելէ ետք մենք կը խորհինք, որ մէկ բան պէտք է յստակ լաւ իմանայ Իլհամ Ալիեւը… Այսօրուան Երեւանը  երէկուան Պաքուի անզէն հայերու հայկական  թաղամասը  չէ, որ մտնես տաքգլուխ որոշումով… իսկ Զանգեզուրն ալ երէկուան քու կարծած ու գիտցած  Սումկայիթի  հայկական  համեստ թաղը չէ: Բայց եթէ Ալիեւ կը յամառի իր տեսակէտին վրայ, թող փորձէ  անգամ մը եւ գայ, ո՛ւր որ կ՛ուզէ, Երեւան թէ Զանգեզուր,  իրեն հետ բերելով  փափաքած բանակը, որպէսզի  անոնք իրեն հետ միասին դառնան ծաղր ու ծանակ…

Ազերի եւ թուրք ղեկավարներուն համար տարօրինակօրէն հրապարակային շան քարոզները  ընդհանրացած են, եւ անոնք կը գոռան կոկորդի ամբողջ ուժով` իրենց ձայնը լսելի դարձնելու համար  իրենց տգէտ ու հասարակ ժողովրդային զանգուածներուն, առանց մտածելու, որ իրենց բարբաջանքէն Երեւանի կամ Արցախի մէջ ծառի տերեւ անգամ չի շարժիր:

Առանց խպնելու, առանց տրամաբանելու, թէ  իր խօսքը` «Պատմական հողերու ազատագրման հարցը պէտք է դառնայ մեր ապագայ գործունէութեան ուղղութիւնը», պէտք է յստակօրէն թարգմանուի, որ այդ նոր փուչիկ է ալիեւեան, որպէսզի փաստէ իր սին հայրենասիրութիւնը եւ կրկին անգամ ընտրուի նախագահ` իր բռնատէրի կարգավիճակը պարտադրելու Ազրպէյճանի խեղճուկրակ ժողովուրդին վրայ, աւելցնելով բանտերու մէջ քաղաքական բանտարկեալներու թիւը եւ ճշմարտութիւն քարոզող լրագրողները:

Անշուշտ, Պաքուի մէջ որոշ զարգացած տարրեր ու նաեւ խելահաս ընդդիմադիրներ ծիծաղով դիմագրաւած են Ալիեւի երազային պոռոտախօսութիւնը եւ զարմացած` անոր  ծով տգիտութեան, երբ անդին, գրեթէ երեք տասնամեակէ ի վեր Ալիեւներ չկարողացան ազատագրուած Արցախը վերստին իրենց տիրապետութեան տակ առնել եւ հիմա, օր ցերեկով ընտրական լոզունգներու ուժ տուած` կ՛ուզեն խաբել  աջն ու ձախը, թէ պիտի ազատագրեն Երեւանն ու Զանգեզուրը` առանց  խպնելու աւելցնելով, որ այս հարցը իրենց` «Քաղաքական ու ռազմավարական նպատակն է»:

Հոս, յստակ գիտենք, որ նախագահ Ալիեւի քաղաքական հասունութիւնը մինչեւ ուր կ՛երկարի,  սակայն մեզ զարմացնողը ազերի անգէտ ու տհաս  պատմաբաններն  են, որոնք Ալիեւի «թութակներն են» եւ առանց իմանալու աշխարհագրութիւն կամ պատմութիւն` հրապարակը կ՛ողողեն սին, կեղծ ու   անհիմն յիմարաբանութիւններով` պարզապէս իրենց արտայայտութիւններէն ետք լիզելու համար Ալիեւի կողմէ իրենց առաջարկուած  կէս մը իւղոտ պնակները…

Սիրելի՛ ընթերցող, մենք շատ անգամ լսած ենք նման խռպոտ ձայներ եւ կարեւորութիւն չենք տուած, որովհետեւ  հնարաւոր չէ կարաւանին ուղղութիւնը փոխել… ան պիտի քալէ… բայց կեանքին մէջ  յաճախ կը պատահին  անսպասելի անակնկալներ. իսկ մեր ժողովուրդը` իբրեւ փիւնիկէն հրաշքով վեր խոյացած ազգ, կը սիրէ  պարտադրել անակնկալներ. ուստի Ալիեւներ միշտ պատրաստ պէտք է ըլլան  ընդունելու  պարտադրուած անակնկալը` որպէս կատարուած իրողութիւն:

Մինչ այդ, մօտակայ անտառին մէջ,  ո՛վ որ կ՛ուզէ, թող կաղկանձէ ուզածին չափ:

 

Հանրապետութեան Ու Անկախութեան Փարոսը Վառ Պահենք

0
0

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութիւնը, գրաւոր թէ բանաւոր, իր զարգացման մակարդակով, մասամբ կարծես թէ մոռցուելու ենթակայ է: Այնուամենայնիւ, հանրապետութեան հիմնադրութեան զուգադիպող այս տարուան 100-ամեակի պատեհ առիթը իր արդարացի ու արժանաւոր տեղը վերականգնելու վրայ է, քանի որ տուեալ նիւթի ու բովանդակութեան պատմագիտական լիառատ ուսումնասիրական արխիւները չեն պակսիր բնաւ` շնորհիւ գիտահետազօտական վաւերագրութեան սէր ու վկայութիւն ունեցող մարդոց, որոնք յատկանշուեցան իրենց անվերապահ մասնակցութեամբ, նաեւ` արեա՛ն մասնակցութեամբ:

Եկէ՛ք, ժամանակը 100 տարի ետ դարձնենք` պատմութեան նկարները քով-քովի դնելով: Հասարակաց առօրեայի մեր ապրած պայմանները շատ անգամ կը ստիպեն, որ շեշտակիօրէն զգանք, թէ ամէն բան կը կորսնցնենք մեր կեանքէն, յաճախ` ակնթարթի մը մէջ: Երբեմն, սակայն, կորսուածին տարողութիւնը հանդուրժելու դժուարութիւնը աւելի բարդ ու կնճռոտ կը դառնայ, քան թէ` մարդոց ժամանակակից մարտահրաւէրները դիմագրաւելը, որոնք կոչուած են անմիջականօրէն յաղթահարելու, յարափոփոխ կացութիւններու պարտադրած չկամութենէ բխող եղելութիւններ:

Կորուստը զանազան ձեւերով կը դրսեւորուի: Պատմական կորուստը առնչուած է պատմական մերժումին հետ: Երբ մերժում ունիս ազգային գերագոյն իմաստի մը համար, կը դադրիս տրամաբանօրէն ճիշդ մտածելէ, ճիշդ դատելէ, ճիշդ գործելէ:

Եւ այսպէս, 1918-ի հանրապետութիւնը այսօրուան իմաստը չունէր: Պատմական դէպքերը պէտք է գնահատել իրենց ժամանակին մէջ` առանց յայտնագործում մը ըրած ըլլալու յաւակնութեան:

Անկախ հանրապետութիւնները կը հաստատուին շնորհիւ ազգի մը ու անոր հերոսական զաւակներուն պատմական, մարդաշխարհագրական կազմաւորումի մշակոյթին հետ: Մշակոյթը, ամէն պարագայի, կը լուսաւորէ հայ կեանքի, տեսակ մը, հարկ եղած չափով չարժեւորուած պատմական ժամանակաշրջանի մը հատուածին, ու անոր դիմաց` տարտամ յաջորդականութեամբ բացուող փուլերու էջերն ու բաժանումները, յայտնի, թէ նուազ յայտնի տասը տասնամեակներու պատմական անպարագրելի արժեւորումով:

Հայրենասէրները, իրենց կեանքը նուիրաբերած եւ մահուան հետ հաշտուած զինուորները նշուելու, պատմութեան պարզ էջերուն մէջ արձանագրուելու իրաւունք չունի՞ն: Իրաւունքը միայն ուրիշի՞ն համար է…

1918-ը մեզ կը տանի 100 տարի առաջ` անգամ մը եւս մեր առջեւ բանալով իր հարիւրամեակի ներհայեցողական աշխարհը, որ հուրի ու սուրի ճանապարհով դրոշմեց իր կեանքը` գերբնական պատասխանատուութեան զգօնութեամբ:

Հարիւրամեակով պատմութիւնը դարձեալ կը գրուի, եւ յոյսի յայտարարը կը մնայ բարձր մակարդակներու վրայ:

Հոս պատասխանատուութիւնը ժամանակ ու անուն ունի: Պատերազմը սկսելէ առաջ` պետութիւնը հասկցած էր, որ յաջորդող փուլը վարդերով ցանուած չէր իր ճամբուն առջեւ, այլ` արիւնով: Եւ արիւնը այդ պատմութեան կնիքն էր: Այդ կնիքը դրոշմող հողն էր: Հողի հովանաւորութիւնն էր: Հայաստանի Հանրապետութիւնը հողի ու արեան լաւ կենսագրութիւն մը ունի:

Նոյնիսկ մէկ հոգի կասկած չունէր, որ հողին վրայ ապրող հայը կրնայ հրաժարիլ, կամ նահանջել անկէ: Եթէ այդպիսի բան մը եղած ըլլար, հողի մարդիկը պիտի հողանային. իրականութեան մէջ պիտի մերժէին խաչը, սուրը, դրօշը, զինանշանը, հայրենիքը:

Հայրենիքը առանց հողի չ՛ըլլար, ինչպէս աւանդական ծիսականութեամբ հացը առանց ալիւրի չ՛ըլլար:

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը պարզ ու սովորական տօն մը չէ, այդ իսկ պատճառով անոր պէտք է տրամադրուի անհրաժեշտ արժանի ծաւալը` վերականգնելու համար անցեալի անտեսուած կամ զեղչուած բաժինները:

Հարիւրամեակները համրանքային գումարով կրնան յաջորդել իրարու: Ոմանք կը մնան պարզ հարիւրամեակներ: Ուրիշներ իրենց հանգամանքային պարունակութեամբ իսկ կը ծաղկին ու կը ծաղկեցնեն հայ կեանքը իրենց բովանդակային էութեամբ, ինչպէս` 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, 2018-ին ալ` Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը:

Մտածա՞ծ ենք սրբացնել 1918-ի մեր հերոսները, ինչպէս 2015-ին սրբացուցինք Ցեղասպանութեան մեր 1,5 միլիոն անմեղ զոհերը:

Սրբացումը յաճախ չ՛երեւիր, երբեմն գաղտնի կը մնայ:

Այդպէս կ՛ըլլան խորքային բաները:

***

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը ծնունդ է յեղափոխական անձնուրաց հերոսապատումի մը, որ հիմնեց շօշափելի հայրենիք, սեփական հողի ու հողի պատկանելիութեան հասկացողութեամբ եւ զայն ամրօրէն պահպանելու պատասխանատուութեան վճռակամութեամբ:

Անցեալի «երկաթէ վարագոյրի» եւ «անվերջ գիշերներու» երեսապատուած պատմուճաններուն էջերը վկայակոչելու դիտաւորութիւն չունի այս գրութիւնը, սակայն, որեւէ պարագայի, պէտք չէ խուսափիլ ճշմարտապէս հաստատելու, որ մարդ կարդալով կը սորվի իր ազգին պատմութիւնը, եւ խորհրդային միակտուր ու միահեծան մտածող ու գործող կարգերը չարտօնեցին սերտել ուզողներուն, որ իրենց ժողովուրդի պատմութիւնը կարդան:

Այս կը նշանակէ անշուշտ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակաշրջանի պատմական ծալքերը, տեսակ մը ապածածկագրումի, քողազերծումի պէտք ունին պատմութիւնը իրենց ճիշդ համեմատութիւններուն մէջ դասակարգելու համար, որպէսզի մեր օրերուն տակաւին գաղափարական թիւր այլաբանութիւններէ ձերբազատիլ չյաջողող գրիչներ չշարունակեն ազգային գերագոյն հարցերու շուրջ խտրութիւն դնելով` իշխանութեան խաղեր խաղալու, իրար խառնելով կուսակցութիւններու դերը եւ գործիչներու` Վրացեան, Քաջազնունի, Ռուբէն, Դրօ, Նժդեհ, Անդրանիկ եւ այլն, հայրենասիրական դերակատարութիւնը:

Գիտէ՞ք. հանրապետութիւնները աչալուրջ կը հսկեն անկախութեան, անկախութիւնն ալ հանրապետութեան վրայ: Աւելի՛ն. կը հսկեն նաեւ ու մանաւանդ յաջորդական իշխանութեանց աթոռներուն վրայ լրիւ թէ կիսով բազմած անձնաւորութիւններուն եւ յատկապէս անոնց ետին անյայտ գտնուողներուն վրայ:

Քաղաքագէտին ժամանակը անսահման եղած չէ բնաւ: Ան առնչուած է բարոյական կատարելութեան սկզբունքին հետ:

Իշխանութեան վրայ թէ իշխանութեան շուրջ գտնուող մարդը պէտք է անընդհատ պայքարի մարդկային ու ընկերային արդարութեան, սահմանադրական օրէնքի հարազատ կիրարկման, օրէնսդրական կանոններու ընդունուած շրջագիծին մէջ պետութիւն, պետականութիւն ու պետականացման կառոյցները զօրացնելու պահանջով: Վտանգաւոր կ՛ըլլայ, երբ նոր իշխանութիւններ հին օրերու վնասակար ու վտանգաւոր բաներ կ՛որդեգրեն` հին սխալներ կրկնելով: Ուժերու հաւասարակշռութիւնը կը պահուի հաւասարակշռող կառոյցներու դերակատարութեամբ, քանի քաղաքականութիւնը ոչ մէկ, ոչ երկու, այլ բազմաթիւ դէմքեր ունի:

Պատմութեան ժամանակի այս ծիրէն ներս, եկէք, ստուգաբանենք, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները ռուսամէ՞տ պէտք է ըլլան. ամերիկամէ՞տ, եւրոպամէ՞տ, թէ՞ այլ բան: Այս մօտեցումները ինծի համար երբեք յստակ չէին: Ինծի համար յստակն ու բացայայտը հայամէտ ըլլալն է` առանց նուազագոյն հարցականի. եւ` վե՛րջ: Համոզուած եմ, որ հայամէտութիւնն է միայն, որ Հայաստանը կրնայ առաջ տանիլ` ստեղծելով հաւասարապէս թէ՛ հայկական, թէ՛ մարդկային որակաւոր մարդկայնութիւն ու յառաջդիմութիւն:

Հանրապետութիւնները ազատ ու անկաշկանդ գաղափարներու ստեղծման ու տարածման վայր պէտք է ըլլան: Տեսակ մը` պետականօրէն սնած, կազմաւորուած բջիջներ, որոնց շրջագիծին մէջ պէտք է աճին ու ինքնահաստատուին ազատութեան ու ժողովրդավարութեան արժէքները ու անկէ բխող հանրապետական չափանիշներն ու չափորոշիչները: Հայրենիք ստեղծելու գաղափարը բռնութեամբ չի զարգանար, այլ` ազգային նպատակներով:

Հանրապետութիւնները իշխանութեան, կամ կորսուած-շահուած քուէի հարց չեն: Ընտրական հարց է, եւ շատ մը այլ ու նմանատեսակ բաներ, հեռու` առօրեայ սպառողական մտայնութիւններէ:

Հանրապետութիւնը երկրի մը ղեկավար պահակագունդի հարց է, քաղաքականապէս  խորքային պատասխանատուութեան ստանձման ու կիրարկման հարց է, քաղաքական ընտրանքի, քաղաքական դիմադրութեան իրաւունքի՛ հարց է:

***

20-րդ դարէն 21-րդ դար անցած ենք: Պատմութիւնը աղաւաղելն ու յօշոտելը յանդգնութեամբ յատկանշուած չէ երբեք: Այդ մէկը գիտէինք երէկ, գիտենք նաեւ այսօր: Գիտէինք մանաւանդ մեր ցեղային ծագումնաբանութեան ժամանակներէն, որ ինքնըստինքեան բոլորիս ինքնավստահութեան համոզումը կը ներշնչէ:

Երբ կը պատուես պատմութիւնը, կը պատուես իրականութիւնը: Իրականութիւնը ծափահարութիւններու պէտք չունի, երբ իրականութեան չափը չես անցըներ: Պատմական իրականութիւնը մարդկութեան արդարութեան եւ արդարամտութեան չափանիշն է, խիղճն ու վստահութիւնն է, անցնող ու եկող ժամանակներու տարբերութիւնը լաւ գիտնալն է:

Այնքան ատեն որ հայրենիքներու սահմանները կը նեղնան, այնքան պիտի նեղնան նաեւ մարդոց սրտերը, որովհետեւ անոնք պիտի զրկուին հարազատ վայրերու պատսպարաններէն, յուշէն ու ստեղծագործութենէն:

Ինչպէս այլ ժողովուրդներու պատմութիւնը ազգային տօներու, նոյնպէս ալ հարիւրամեակներու պատմութիւնը իր պատգամները ունի տալիք: Ազգային պատգամները արժէք ունին եւ կը շարունակեն արժէք ունենալ, երբ կը ցոլացնեն իրենց դարաշրջանի ներազդեցիկ ու հորիզոնական պատկերը:

Երբ Հայաստանի Հանրապետութեան մասին կը խօսինք, նախ եւ առաջ նկատի պէտք է ունենանք իր ժամանակաշրջանի քաղաքական, դիւանագիտական ու աշխարհագրական տարածքներու պայմանները, տեղւոյն վրայ ապրող ժողովուրդին իրավիճակը, իր իսկ ժամանակի ռազմական ու ռազմապաշտպանական շրջագիծը, քաղաքական զարգացման հոլովոյթը:

Երբ խորագիտակ քաղաքականութեան մասին կը խօսինք, մեր ճամբորդութիւնը ժամանակին մէջ եւ ժամանակին հետ պէտք է յատկանշուի նոյնինքն ժամանակի ու վայրի բնապատկերին առնչուած իրականութեան հետ: Ոեւէ մէկը ժամանակին հետ խաղալ չի կրնար: Ոեւէ մէկը ժամանակը շրջափոխել չի կրնար: Որեւէ միտումնաւոր տարբերութիւն, թէ ձեւապաշտ զանազանութիւն, բաւարար տուեալ չի կրնար համարուիլ ձեւափոխիչ պատրուակներ թէ անգոյ պատճառաբանութիւններ հանդիսադրելով պատմական ճշմարտութիւնը աղաւաղելու համար:

Բոլորս կը ճանչնանք, որ մարդու մարմնին մէջ երկու չափի երակներ կան` բարակ ու հաստ. երկուքն ալ արիւն կը սրսկեն սրտին: Նոյն ձեւով պատմութիւնն ալ ունի տարբեր տրամաչափի երակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իրեն յատկացուած դերը կը խաղայ` չափի, քանակի, որակի արդիւնաւորութեան հետ գնահատուած: Ճիշդ ու առողջ երակները կը հարստացնեն իրական պատմագրութեան էջերը, զանոնք յատկանշող վկայութիւններով ու օգտակար եղելութիւններու ներարկումով:

Հայաստանի Հանրապետութեան համար բազմաթիւ հատորներ կան, որ հարազատ պատումներով կը ցոլացնեն երկու տարուան կեանք բոլորած հայրենիքի եւ, անշուշտ, անոր նախորդող ու հետագայ զարգացումներուն ու հոլովոյթին վերլուծումներուն մասին:

Արագ օրինակներ տուած ըլլալու մտադրութեամբ, կը բաւէ կարդալ յաջորդականօրէն վերատպուած հրատարակութիւններու արժանացած Սիմոն Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւնը» մօտ 700 էջնոց մեծածաւալ հատորը. կարդալ` Յովհաննէս Քաջազնունին, Կարօ Սասունին, Ռուբէնը (Տէր Մինասեան), Միքայէլ Վարանդեանը, Արշակ Ջամալեանը, Հրանդ Սամուէլը, Վահան Նաւասարդեանը, Գաբրիէլ Լազեանը, Արշակ Չօպանեանը, Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, Անահիտ Տէր Մինասեանը, Գարեգին Փաստրմաճեանը եւ բազում ուրիշներ, որոնք այս հարցով անփոխարինելի պատմագրական նիւթ կը պարզեն: Այս կը նշանակէ, որ հայրենի արխիւները լրիւ ու ամբողջական ձեւով պէտք է բացուին ու պատմահետազօտական կերպով օգտագործուին` յաւելեալ լոյս սփռելով այդ օրերու եղելութիւններուն մասին:

Բաւական է, որ այդ արխիւները երկար տասնամեակներ փակ մնացին: Պատմական փոշին թօթուելու ժամանակը եկած է:

Մաղթեմ, որ այս մաղթանքս արգասաւորուի ա՛յս տարի, որովհետեւ շատեր կ՛ըսեն այս մէկը` առանց հաւատալու անոր:

Ըսեմ. չի կրնար ըլլալ, որ Թոփքափիի պալատի արխիւային աղբիւրներուն մէջ 15-րդ դարէն ի վեր իրար ամբողջացնող վկայութիւններ գոյութիւն ունենան Օսմանեան կայսրութեան ժամանակի սուլթաններու, նոյնիսկ ճաշատեսակներու եւ քաղցրեղէն-շերպեթներու տեսականիներուն համար, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արխիւները, որ շատ մօտիկ` 20-րդ դարու պատմական վկայութիւններ կը պարունակեն, գոյութիւն չունենան, թէկուզ` պղտոր, թէկուզ` աղօտ, խառնակ, մթագնած, կեղտոտած, հապճեպ ու անյստակ գրուած:

Ի՛նչ ալ ըլլան արխիւները, ի՛նչ բան ալ պարզեն անոնք, մէկ բան յստակ է, որ 1918-ին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն հայ զինուորը յաղթե՛ց:

Այս կը նշանակէ, որ 1918-ին հայրենիք մը կար, հայրենիք մը ստեղծուած էր, որ մենք այսօր կը վայելենք: Մեղուներու ժրաջանութեամբ մարդիկ ճակատ ուղղուեցան, որպէսզի անոնց ձգած մեղրը այսօր մենք համով-հոտով ըմբոշխնենք: Հաւատքով ու վճռակամութեամբ ճամբայ ելած անձնուրացներ, որոնք մեր կարծածէն, մեր սեպածէն քիչ մըն ալ աւելին էին, քիչ մըն ալ աւելի մնացին, հոգ չէ թէ մոռցուեցան:

Հանրապետութիւնները կ՛օգնեն, որ հայրենիքները կանգուն մնան եւ յարատեւեն, նոյնիսկ` պատմութեան ընդմէջէն իրենց կտրած կլոր թէ կիսակլոր շրջադարձներով, շրջապտոյտներով:

Այսօր մեր հարիւրամեակի էական հարցականը պէտք չէ ըլլայ այն, թէ արդեօ՞ք կը դժուարանանք հարիւրամեակի գաղափարին հետ հաշտուելու: Վերջիվերջոյ այս հարցականին քաղաքական իրապաշտութեան սահմանումը ո՞րն է, ո՞րը կրնայ ըլլալ, կամ` բնաւ չըլլալ:

Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր իր ժամանակէն հին կրնայ համարուիլ, հարց տանք կրկին, թէ ի՞նչ ապագայ ունի, կամ` ի՞նչ ապագայ կրնայ ունենալ ան: Ի՛նչ ալ ըլլայ, կը խօսինք ազգային ու գաղափարական ապագայի մը համար, որ հինի ու նորի ազգակցական կապերը կը պահպանէ, չի կորսնցներ, չի ցանկար կորսնցնել այդ կապը:

Հանրապետութիւնները հիմնաւորեալ պետական ըմբռնողութեան հասկացողութեամբ միայն կրնան առաջնորդուիլ: Բայց յաճախ այդպէս չի պատահիր: Շատ անգամ կը դժուարանանք հաստատելու, թէ կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակի մը մէջ, որ օրուան օրացոյցը կը պարզէ:

Օրացոյցները տեսլականներով պէտք է յորդին, քանի տեսլականները հայրենիքներու գոյութիւնը իմաստաւորելու կոչուած շարժառիթներ են, որոնք երբեմն ալ կը դժուարանան իրենց շլինքին վրայ շալկելու դրուած ծանրութիւնը:

Հանրապետութիւնները կը զօրացնեն գիտութեան, արուեստի, մշակոյթի տարբեր բնագաւառներու հասարակական չափանիշները, հերթականօրէն կը ստեղծեն գիտամասնագիտական ու փորձագիտական միտքեր, յառաջադէմ ուղեղներ, որոնք մարդկային համայնական դաշտը կ՛ընդարձակեն նոր ու ստեղծագործ ճանապարհներով:

Հանրապետութիւնները առօրեայ մարդոց պէս ներկայութիւն են մեր կեանքին մէջ, ունին սեփական կենսագրութիւն, ծնունդ, մահ, արժեւորում, ժողովրդային ընդհանրական դաշտ, ունին ներաշխարհ եւ ոսկեմատեան, ուր արձանագրութիւններ կը պահուին իրենց ներգործօն ստեղծարար կամ անձեռնհաս ձախաւերութիւններուն համար:

Հանրապետութեան մեծագոյն զէնքը ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնն են, նոյնիսկ ամէնէն բարդ կացութիւններու պահերուն:

Հանրապետութիւնները ունին իրենց մօտիկ սերունդները, որ ժամանակակից առումով իրենց հետ եւ իրենց կողքին կ՛ապրին իրենց հատուածի պատմական օրերը:

***

Հանրապետութեան պատմութիւնը թուայնացա՞ծ է: Մտածուա՞ծ է զայն թուայնացնելու մասին:

Թրքական, վրացական, ազրպէյճանական, ռուսական արխիւները ի՞նչ կը գրեն 1918-ի մասին:

Օսմաներէն լեզուն իր ատենի արաբերէն տառերով ի՞նչ կը գրէր:

Այսօր Հայաստանի, նուազ չափով Յունաստանի մէջ օսմաներէն գրել-կարդալ գիտցող կայ: Դիմա՞ծ ենք, պարտականութիւն տուա՞ծ ենք, ծրագրի մէջ ներառա՞ծ ենք կարդալու համար այդ մասին գրուած էջերը:

1918-ի պատերազմը բարդ հանգրուան մըն է թուրքի պատմութեան մէջ: Այդ պատմութիւնը միայն ցուցադրութիւն, միայն հանդիսադրութիւն, հանդէս-տօնակատարութիւն-տողանցք, համագումար չէ: Այս պատերազմին համար հայերը մեծ գաղափարի մը շուրջ համախմբուեցան: Թուրքերը ո՞ր գաղափարին համար համախմբուեցան: Հայաստանի հողը թուրքի հայրենիքը չէր, իր սեփական հողը չէր: Չեղա՜ւ:

Հայրենիք ստեղծելու գաղափարը բռնութեամբ չի կրնար զարգանալ, այլ ազատամիտ բացուածքներով: Կը զարգանայ մեծ թէ փոքր ոստումներով, բայց անպայմանօրէն` ազգային նպատակներով ու հեռանկարներու ակնկալութեամբ: Մինչդեռ թուրքին համար պետականութեան գաղափարը ձեւաւորուած չէր, ոչ ալ սուլթաններու, ոչ իսկ երիտթուրքերու իշխանութեանց ժամանակներուն: Չշփոթենք. ազգայնամոլութիւնը պետականութեան կրնայ առաջնորդել, սակայն պետականութեան բնորոշիչ ու յատկանիշ չէ:

Թուրքերը սխալ յաջորդականութեամբ հասան իրենց հանրապետութեան` Մուսթաֆա Քեմալի օրով, 1923-էն ետք, առանց գաղափարական որեւէ պատրաստութեան:

21-րդ դարուն արդէն շատ մը բաներ տարօրինակ կը համարուին 20-րդ դարէն: Բայց ի՛նչ ըսենք, հինցածը նորէն աւելի հին է:

Ամէն նոր բան ալ դիւրին չ՛ընկալուիր:

Բայց անցեալը երբեմն կը հիննայ, երբեմն չի հիննար, կը հասուննա՜յ…

Եզրափակենք. այսօր կ՛ոգեկոչենք 28 մայիս 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը եւ կ՛ապրինք այդ օրերու ոգեւորութեան հրաշալի օրերու յիշատակներով: Այսօր կը կարծուի, թէ 100 տարի անցած է այդ թուականէն, բայց ժամանակը այնքան մօտ է, որ կարծես մեզ միայն կարճ շունչ մը կը բաժնէ:

Հաշտուա՞ծ ենք նուիրական յատկանիշներ ցոլացնող Հայաստանի Հանրապետութեան ու անկախութեան գաղափարին հետ, թէ՞ պատմութեան անցեալի գրաւին վրայ հիմնուելով` փառքի մուրացկանութեան հետամուտ կ՛ըլլանք: Պատմութիւնը լաւ բան է, եթէ օգտուինք անոր բարեմասնութիւններէն, անոր գաղափարական փակագիծներէն:

Հանրապետութեան իւրաքանչիւր հանգրուան հեռանկարային շարունակութեան մը որոնումն է: Կարծես, այդ որոնումին մէջ կը գտնուի նաեւ անոր գրաւչութիւնը` իր հին թէ ներկայ ժամանակով:

Բոլորս Արամ դառնանք: Լոզունգ չէ: Ազգային ինքնութեան հարց է:

100 տարի` մէկ կեանք: Առանց որեւէ պատրուակի` լման կեանք մը:

Զգո՛ւշ սակայն, մեր պատմական թիրախը հանրապետութիւնն ու անկախութիւնն են: Անկախութիւն մը, որ գերազանցէ նոյնինքն  անկախութիւնը:

Այդ իսկ պատճառով անկախութիւն բառը բոլոր ժամանակներուն մէջ նոյն ձեւով կը հոլովուի: Այսինքն` վստահութեամբ:

Օր մը թերեւս գնահատենք, թէ որքա՛ն մեծ նուաճում է ճիշդ դիտել ու ճիշդ գնահատել գիտնալ` պատմութիւնը:

Եկէք` պատմութիւնը առասպելականացնենք:

Անկախութեան հաւատացող մարդիկը վերջը կու գան: Անոնք ժամանակին հետ կապեր ունին…

Աթէնք 

 

Անդրանիկ (1865-1927). Դաշնակցական Հայդուկապետի եւ Ազգային Հերոսի եզակի համադրումը

0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Փետրուար 25ի այս օրը, Արեւմտահայաստանի Շապին Գարահիսար գիւղաքաղաքին մէջ, արհեստաւոր Թորոս Օզանեանի յարկին տակ, լոյս աշխարհ եկաւ Անդրանիկ անունով հայ մանուկ մը, որ կոչուած էր դառնալու հայ ժողովուրդին մռայլ երկնակամարը լուսաւորող եւ ջերմացնող անմար աստղ մը։

Աւարտելով ծննդավայրի «Մուշեղեան» վարժարանը՝ Անդրանիկ պատանի տարիքէն նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ։ Իր ժամանակի հայութեան վիճակուած օրապահիկ ապահովելու դժուարին պայմաններուն բերմամբ, Անդրանիկ իր կարգին 1884ին պանդուխտ գնաց Պոլիս, ուր հիւսն աշխատող հայ երիտասարդին առջեւ բացուեցաւ ազգային-յեղափոխական տրամադրութիւններու ալեկոծման ու բորբոքման բուռն աշխարհ մը։ Անդրանիկ տեսաւ ծնունդը, իրարու ետեւէ, հայ ազգային կուսակցութեանց եւ 1892ին կատարեց գաղափարական իր ընտրութիւնը՝ միանալով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որուն ֆետայական մարտունակութեան խորհրդանիշը դարձաւ եւ հաւատաւոր հայդուկապետը մնաց մինչեւ 1917 թուականը, երբ անհատական հակադրութիւններու հետեւանքով քէնցաւ իր պաշտած կուսակցութեան հետ, հեռացաւ Դաշնակցութենէն եւ ընդհանրապէս քաշուեցաւ քաղաքական բեմէ։

1890ականներու սկիզբէն իսկ Անդրանիկի համար արդէն ճշդուած էր իր կեանքի ուղին.- Հրաժարիլ անձնական կեանքէ եւ բոլոր ուժերով նուիրուիլ Երկրի բազմաչարչար հայութեան ազգային ազատագրութեան պայքարին։

Իր կենդանութեան արդէն առասպել դարձաւ Անդրանիկ։ Տակաւին դաշնակցական շարքային մարտիկ՝ Անդրանիկի քաջագործութեանց հռչակը տարածուեցաւ ողջ հայաշխարհով մէկ։ Տակաւին Սերոբ Աղբիւրի խմբապետութեան տակ գործող դաշնակցական ֆետայի, յատկապէս դաւադրաբար գլխատուած Սասնոյ Առիւծին վրէժը – Գէորգ Չաւուշի եւ Սպաղանաց Մակարի հետ – լուծելու իր յանդուգն քայլէն ետք, Քաջ Անդրանիկ առանցքը դարձաւ բերնէ-բերան տարածուող ազգային-յեղափոխական մեր երգերուն։

Այդ պատճառով ալ, երբ յետադարձ հայեացքով կը փորձենք խտացնել Անդրանիկի տեղն ու դերը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, յատկապէս Հայաստանի ու հայութեան ազգային-պետական վերականգնումը նուաճելու մեծ պայքարին լուսարձակին տակ, Անդրանիկին արդարօրէն շնորհուած «խմբապետ»ի, «հայդուկապետ»ի, «Փաշա»յի, «հրամանատար»ի եւ «զօրավար»ի տիտղոսներէն վեր, յաղթահասակ կþերեւայ «Դաշնակցական Մարտիկ»ի եւ «Ազգային Հերոս»ի անոր կրկնակի մեծութիւնը։

Անդրանիկի առասպելական կերպարն ու Աւանդը կարելի չէ ամբողջական հաշուեկշռի արժանացնել, առանց հետեւողականօրէն լուսարձակի տակ պահելու այդ երկուքին՝ Դաշնակցական Մարտիկի եւ Ազգային Հերոսի փոխ-ազդեցութեան ու փոխ-հարստացման կարմիր թելը, որ տիրական առանձնայատկութիւնը եղաւ անոր փոթորկայոյզ կեանքին։

Դաշնակցական Մարտիկը մղում տուաւ Անդրանիկի խիզախ ու յանդուգն հերոսութեան եւ մարտունակութեան՝ յանուն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան անոր վարած բոլոր ճակատամարտներուն ընթացքին։ Իսկ Ազգային Հերոսի արժանաւորութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ներշնչման մնայուն աղբիւրը դարձաւ դաշնակցական մարտական ղեկավարի իր կոչումին ծայրայեղ խստապահանջութեամբ փարելու Անդրանիկի վարքագծին, որուն հետեւանքով երկու անգամ քէնոտացաւ իր սեփական գաղափարաի ընտանիքին՝ կազմակերպութեան հետ ու ինքնամեկուսացման դիմեց, բայց եւ օրհասական պահուն դարձեալ իր կուսակցութեան վերադարձաւ կազմակերպականօրէն ու անոր ղեկին տէր կանգնեցաւ։

Պատահական չէ ըսուած, հետեւաբար, որ Դաշնակցութենէն դուրս Անդրանիկ չունեցաւ ճառագայթող գործունէութիւն, ինչպէս որ առանց Անդրանիկի ըստ արժանւոյն գնահատումին՝ կարելի չէ խորաչափել տարողութիւնը Դաշնակցութեան կատարած Գործին։ Այդ պատճառով ալ որքան թշուառական ու խղճալի են, այսօր, էլեկտրոնային հաղորդակցութեան կայքէջերուն վրայ «առօք-փառօք բազմած» մերօրեայ այն հեղինակները, որոնք իբր Անդրանիկի Աւանդին պահապան կը ներկայանան, բայց ըստ ամենայնի կ՛արատաւորեն յիշատակը Մեծ Հայուն, երբ ամէն գնով անտեսումի կը փորձեն մատնել, աղաւաղումներով եւ չարափոխումներով, Դաշնակցութեան հետ Անդրանիկի անխզելի պորտակապը։ Մանաւանդ երբ մօտաւոր անցեալի խորհրդային պատմաբաններու ներշնչումով՝ կ’աշխատին մինչեւ իսկ Դաշնակցութեան հակադրել Անդրանիկը։
Միայն Աւետիս Ահարոնեանի վկայութիւնը, «Անդրանիկ»ը անունով Հայկական Ազատամարտի Մեծ Արծիւին յետ¬մահու նուիրուած գործով, բաւարար է, որպէսզի այլեւս մարդիկ ձեռք քաշեն հակադաշնակցական մաղձով առաջնորդուելու զուր, արդէն շատոնց սնանկացած այդօրինակ մօտեցումներէ…

Անդրանիկի մարտական գործունէութեան եւ հերոսական քայլերուն գլխաւոր հանգրուանները, իրենց սոսկ թուարկումով, տեսանելի կը դարձնեն լայն շրջագիծը Հայկական Ազատամարտին եւ Դաշնակցութեան ներդրումին.-

ա.) 1898էն սկսեալ Սասնոյ մարտական ուժերուն փաստական ղեկավարումը։
բ.) 1904ի Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան ղեկավարումը։
գ.) 1907էն ետք Պուլկարիա հաստատուիլն ու Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումով ահաբեկչական-ցուցական խորհուրդի անդամ ընտրութիւնը եւ, հուսկ, Պուլկարիոյ մէջ Դաշնակցութեան Զինուորական վարժարանին կազմակերպումը։
դ.) 1912ին Պալքանեան պատերազմին մասնակցութիւնը՝ հայկական ջոկատի հրամանատարի պատասխանատուութեամբ։
ե.) 1914ին Կովկաս տեղափոխուիլն ու Հայ Կամաւորական Շարժման գլուխն անցնիլը, իբրեւ Առաջին Կամաւորական գունդի հրամանատարի մղած հերոսական կռիւները։

Ի վերջոյ, Հայաստանի անկախութիւնը կերտող հերոսամարտերուն Անդրանիկի բերած յաղթական մասնակցութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութեան տարիներուն Զանգեզուրի պաշտպանութեան համար մղած կռիւները փառահեղ օղակներն են այն շղթային, որ Անդրանիկ անունը անքակտելիօրէն կապեց հայ ժողովուրդի պատմական ոգորումի այդ բախտորոշ հանգրուանին։
Անուս էր Անդրանիկ, բայց Հայկական Ազատամարտի մեծ դպրոցէն անցաւ՝ արժանաւորապէ՛ս, խորաթափանց եւ շրջահայեաց։ Սկսելով 1907-1908ին գրուած ու «Դրօշակ»ի կողմէ հրատարակուած իր «Մարտական հրահանգներ» գրքոյկէն, անցնելով Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովներուն թէ Հայոց Ազգային խորհուրդի համագումարներուն թէ նիստերուն իր ունեցած ծրագրային ելոյթներէն եւ հասնելով իր ժամանակակիցներու վկայութեամբ մեզի հասած ազգային-քաղաքական ու գաղափարական կտակի պատառիկներուն, ամէնուր երեւան կու գայ Դաշնակցական Մարտիկի եւ Ազգային Հերոսի համադրութեան այն եզակի մարմնաւորումը, որ ոգեշնչող ու անկորնչելի աւանդն է Անդրանիկին։

Իրատեսութիւն՝ որ թրքական վտանգին դէմ միշտ արթուն գտնուելու եւ զէն ի ձեռին պաշտպանուելու յորդորով կը յատկանշուի։ Իրատեսութիւն՝ որ ժամանակի եւրոպական մեծ տէրութեանց, յատկապէս Ռուսաստանի եւ Անգլիոյ հետ ռազմաքաղաքական դաշինքի անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէ։ Մանաւա՛նդ իրատեսութիւն՝ որ համազգային պատասխանատուութեան եւ առաքելութեան կը ստորադասէ մնացեալ ամէն զգայնութիւն եւ առաջնահերթութիւն։

Անդրանիկ իր կեանքին վերջին տարիները Փարիզ եւ Ֆրեզնօ անցուց ու նուիրուեցաւ տարագիր հայութեան անօթեւան գաղթականներուն օգնութիւն հաւաքելու եւ հասցնելու գործին։
Թշնամի փամփուշտը բնաւ չկրցաւ հասնիլ Անդրանիկին։ Հերոսաբար վերապրեցաւ ամէն կարգի ճակատումներէն։ Գործեց իբրեւ առասպել եւ յաւերժացաւ հայ ժողովուրդի սերունդներուն հաւաքական գիտակցութեան մէջ՝ Աշուղ Շերամի ժողովրդական սիրուած երգին բառերով.-
Իբրեւ արծիւ սաւառնում ես լեռ ու ժայռ,
Թնդացնում ես երկինք-գետին տենչավառ,
Սուրբ անունդ պիտի յիշուի դարէդար,
Հսկայ լերինք քեզ ապաստան Անդրանիկ:

Որքան ժամանակը թաւալի, Անդրանիկի դէմքը այնքան վեր կը բարձրանայ իր ժամանակի ամէն կարգի ստուերներէն եւ հայ ժողովուրդին կը պատգամէ.-
– Մարդ կրնայ հարիւր տուն ունենալ, բայց միայն մէկ Օճախ:
– Հոգս չէ մահս, այլ գործս, որ կիսատ մնաց:
– Ամէն հայ եթէ միմիայն իրեն համար ապրելու մասին չմտածէր, մեր աղէտներուն մեծ մասը պակաս կ’ըլլար:
– Ես կեանքիս մէջ երբեք չեմ ձգտած անձնական երջանկութեան ու բարօրութեան։ Ես մշտապէս ձգտեր եմ միայն մէկ բանի եւ պայքարած եմ միայն մէկ բանի՝ իմ հարազատ ժողովուրդիս ազատութեան եւ բարօրութեան համար։ Ես չեմ փնտռեր իմ վաստակիս գնահատականը եւ կը փափաքիմ միայն այն, որ երջանիկ ըլլայ այն ժողովուրդը, որուն ես ծառայած եմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին:
– Ամէն օր ձեր գլուխը բարձին դնելէ եւ քնանալէ առաջ, յիշեցէք, թէ այդ օրը ի՛նչ էք ըրած ձեր ազգին համար:
– Իմ կուսակցութիւնն իմ ազգն է:
– Իմ ազգը ճնշուածներու ազգն է:

 

Խոջալու, 25-26 Փետրուար 1992. Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րու­թեան ան­կիւ­նա­քա­րը

0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Փետ­րո­ւա­րի այս օ­րե­րուն կը զու­գա­դի­պի 26րդ ­տա­րե­դար­ձը ­Խո­ջա­լո­ւի ա­զա­տագ­րու­մին։

Փետ­րո­ւար 25էն 26 լուս­ցող գի­շե­րը, 26 տա­րի ա­ռաջ, Ս­տե­փա­նա­կեր­տէն չորս մղոն դէ­պի հիւ­սիս գտնո­ւող ­Խո­ջա­լո­ւի մէջ, ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան մեծ նշա­նա­կու­թեամբ դար­ձա­կէտ մը Ար­ցա­խի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի տա­րեգ­րու­թեան մէջ։

Հայ ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու ջո­կատ­նե­րը ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նի ձեռ­նար­կե­ցին ատր­պէյ­ճա­նա­կան հրե­տա­նիի մահ սփռող կեդ­րո­նա­տե­ղին դար­ձած ­Խո­ջա­լո­ւի վրայ եւ, թշնա­մին ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեան մատ­նե­լով ու դուրս մղե­լով, վնա­սա­զեր­ծե­ցին Ար­ցա­խի ոս­տան­նե­րը Կ­րատ եւ այլ տի­պի ռում­բե­րու եւ հրթիռ­նե­րու ա­մէ­նօ­րեայ տա­րա­փէն։

Յատ­կա­պէս մայ­րա­քա­ղաք Ս­տե­փա­նա­կերտն ու ­Բեր­դա­ձո­րը ա­մէ­նօ­րեայ ռմբա­կոծ­ման թի­րախ դար­ձած էին ­Խո­ջա­լո­ւի կող­մէ։ ­Շու­շիի ի­րենց ա­նա­ռիկ դիր­քե­րէն ա­զե­րի զի­նեալ­նե­րու ծա­ւա­լած ռմբա­կոծ­ման կի­սատ թո­ղած քան­դումն ու ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւ­նը ամ­բող­ջաց­նե­լու կու գար ­Խո­ջա­լուն։

Աս­կե­րա­նի շրջա­նին մէջ ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւոր դիրք գրա­ւող ­Խո­ջա­լուն նաեւ ի­րար­մէ կտրած էր ­Մար­տա­կերտն ու Ս­տե­փա­նա­կեր­տը՝ ան­շար­ժու­թեան մատ­նե­լով ան­զէն հա­յու­թեան մարդ­կա­յին թէ զի­նա­կան օգ­նու­թիւն հասց­նող հայ­կա­կան ջո­կատ­նե­րը։

Թէեւ Ար­ցախ ­Դեկ­տեմ­բեր 1991ին ար­դէն հռչա­կած էր իր ան­կա­խու­թիւ­նը եւ ձեռ­նար­կած Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի ստեղ­ծու­մին, այ­դու­հան­դերձ՝ ­Շու­շին, ­Խո­ջա­լուն եւ Աղ­դա­մը ատր­պէյ­ճա­նա­կան կա­մա­կոր ու­ժե­րու ձեռ­քին կը շա­րու­նա­կէին հան­դի­սա­նալ հայ­կա­կան ար­ծո­ւե­բոյ­նը պա­տու­հա­սող եւ, մահ ու ա­ւեր սփռե­լով, ծուն­կի բե­րե­լու ու­ղին ընտ­րած ատր­պէյ­ճա­նա­կան բռնու­թեանց վտան­գա­ւոր յե­նա­կէ­տե­րը։

Խո­ջա­լո­ւի վտան­գա­զերծ­ման գոր­ծո­ղու­թիւ­նը մե­ծա­թիւ զո­հեր խլեց ոչ միայն ա­զե­րի զի­նեալ­նե­րու, այ­լեւ ­Խո­ջա­լո­ւի խա­ղաղ բնակ­չու­թեան շար­քե­րէն։ ­Պա­տա­հե­ցաւ նաեւ ա­հա­ւոր ող­բեր­գու­թիւն մը, երբ հայ­կա­կան ջո­կատ­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ առ­ճա­կատ­ման գի­ծը կտրած եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի ա­ռա­ջա­ւոր դիր­քե­րը հա­սած ա­զե­րի բնակ­չու­թիւ­նը սպան­դի են­թար­կո­ւե­ցաւ նոյ­նինքն ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քին կող­մէ։

Խո­ջա­լո­ւի այդ ող­բեր­գու­թեան ծալ­քե­րը բարդ են եւ տա­կաւ առ տա­կաւ կը բա­ցա­յայ­տո­ւին վեր­ջին տա­րի­նե­րուն։ Ինչ­պէս օ­րին, նոյն­պէս եւ մին­չեւ վեր­ջերս մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը ան­վա­րան՝ հա­լած իւ­ղի պէս կուլ կու տար ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի եւ ա­նոր թափ տո­ւող թրքա­կան շրջա­նակ­նե­րու հա­կա­հայ քա­րո­զար­շա­ւին տա­րա­ծած ան­հիմն վե­րագ­րում­ներն ու մե­ղադ­րանք­նե­րը։

Կը բա­ւէ հա­մա­ցան­ցի ո­րո­նու­մի սպա­սար­կու­թեանց տալ ­Ղա­րա­բաղ բա­ռը, որ­պէս­զի Ար­ցա­խի վե­րա­բե­րեալ պատ­մա­կան թէ այժ­մէա­կան, քա­ղա­քա­կան թէ ընդ­հա­նուր տե­ղե­կու­թեանց վե­րա­բե­րեալ յղում­նե­րու շար­քին, գլուխ ցցեն ատր­պէյ­ճա­նա­կան եւ թրքա­կան կայ­քէջ­նե­րու «­Խո­ջա­լո­ւի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը» հրամցնող… խե­ղա­թիւ­րում­նե­րը։

Թե­րեւս 1992ին եւ ա­նոր հե­տե­ւող տա­րի­նե­րուն կա­րե­լի էր բա­ցատ­րու­թիւն մը գտնել Ա­րեւ­մուտ­քի կող­մէ դրսե­ւո­րո­ւած թրքան­պաստ կողմ­նա­կա­լու­թեան՝ ընդ­դէմ ­Ռու­սա­կան գոր­ծօ­նի այդ ժա­մա­նա­կի դե­րա­կա­տա­րու­թեան, որ կը նկա­տո­ւէր ի նպաստ Ար­ցա­խեան ի­րա­ւուն­քին ու ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին։ ­Բայց նոյ­նը կա­րե­լի չէ ը­սել վեր­ջին տա­րի­նե­րուն եւս յա­մե­ցող ա­րեւմ­տեան կողմ­նա­կա­լու­թեան մա­սին։

Ճիշդ է, ի­րենց խիղ­ճը վար­ձու հա­նած թղթա­կից­ներ ու պատ­մա­բան­ներ միշտ ալ գտնո­ւած են եւ, այս պա­րա­գա­յին ալ, բա­ցա­ռու­թիւն չեն կազ­մեր բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք այս­պէս կո­չո­ւած «­Խո­ջա­լո­ւի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան» սուտ վկա­նե­րը կ­’ու­զեն դառ­նալ՝ ձայ­նակ­ցե­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան եւ թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թեան։

Դժ­բախ­տա­բար միեւ­նոյն դա­տա­պար­տե­լի ըն­թաց­քին մէջ կը յայտ­նո­ւին նաեւ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու կող­մէ եւ ա­նոնց ա­նու­նով հան­դէս ե­կող ո­րոշ հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք ի­րենց կար­գին, այ­սօր եւս, կը շա­րու­նա­կեն ար­ցա­խա­հա­յու­թեան վե­րագ­րել ­Խո­ջա­լո­ւի մէջ «ա­զե­րի­նե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կած ըլ­լա­լու յան­ցա­գոր­ծու­թիւն»ը։

26 տա­րի ան­ցած է ­Խո­ջա­լուի վնա­սա­զեր­ծու­մէն աս­դին։ ­Վա­ւե­րագ­րա­կան ամ­բողջ գրա­կա­նու­թիւն մը ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նի, որ­պէս­զի պա­տաս­խա­նա­տու դիր­քե­րու վրայ գտնուող եւ հե­ղի­նա­կու­թիւն նկա­տո­ւող անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներն ու շրջա­նակ­նե­րը քիչ մը ժա­մա­նակ տրա­մադ­րեն եւ ստու­գեն փաս­տե­րը, փո­խա­նակ կուլ տա­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան քաղց­րա­պատ թոյ­նե­րը։

Իսկ վա­ւե­րա­կան փաս­տե­րը բա­զում են՝ նոյ­նինքն Ատր­պէյ­ճա­նի այդ ժա­մա­նա­կո­ւան նա­խա­գահ ­Մու­թա­լի­պո­վի խոս­տո­վա­նու­թիւն­նե­րէն սկսե­լով, հա­կա­հայ վե­րագ­րում­նե­րը հե­տա­զօ­տած օ­տար լրագ­րող­նե­րու եւ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու զե­կոյց­նե­րէն անց­նե­լով եւ ­Խո­ջա­լո­ւի ա­րիւ­նա­լի ող­բեր­գու­թե­նէն վե­րապ­րող­նե­րու վկա­յու­թեանց հաս­նե­լով։

Կը բա­ւէ աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նալ խօ­սուն օ­րի­նա­կը ա­տե­նին աշ­խար­հով մէկ սփռո­ւած հան­րա­ծա­նօթ այն լու­սան­կա­րին, ուր գլու­խը փաթ­թո­ւած կին մը կ­’ող­բայ կողք-կող­քի շա­րո­ւած դիակ­նե­րը մա­նուկ­նե­րու… Ա­ւե­լի քան 15 տա­րի Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ հա­կա­հայ ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան լծո­ւած աղ­բիւր­նե­րը ա­մէ­նուր տա­րա­ծե­ցին այդ լու­սան­կա­րը՝ իբ­րեւ սահմռ­կե­ցու­ցիչ ա­պա­ցոյ­ցը… ­Խո­ջա­լո­ւի մէջ իբր թէ «հա­յե­րու գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նու­թեան»։

Այ­սօր ար­դէն մաս­նա­գի­տա­կան փաս­տե­րով ա­պա­ցու­ցո­ւած է, որ խնդրոյ ա­ռար­կայ լու­սան­կա­րը ո՛չ մէկ կապ ու­նի ­Խո­ջա­լո­ւի հետ, ար­խի­ւա­յին լու­սան­կար մըն է 1983ին Թուր­քիոյ ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րը ցնցած մեծ երկ­րա­շար­ժէն եւ կը ներ­կա­յաց­նէ քիւրտ մայր մը, որ կ­’ող­բայ երկ­րա­շար­ժին զոհ գա­ցած քիւրտ մա­նուկ­նե­րը։

Ա­հա՛ այս­պի­սի կեղ­ծի­քով եւ յե­րիւ­րան­քով Ատր­պէյ­ճան եւ ­Թուր­քիա յա­ռաջ կը մղեն հա­կա­հայ ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան ի­րենց ար­շա­ւը՝ այս­պէս կո­չո­ւած «­Խո­ջա­լո­ւի մէջ հա­յե­րու գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նու­թեան» թղթած­րա­րը հնա­րե­լով։

Այ­սօր ար­դէն ա­րար-աշ­խար­հին ներ­կա­յա­ցո­ւած են փաս­տա­ցի բա­ւա­րար տո­ւեալ­ներ, որ­պէս­զի մէ­կան­գա­մընդ­միշտ պարզ ու յստակ դառ­նայ ամ­բող­ջա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը՝ Խո­ջա­լո­ւի մէջ ա­զե­րի ան­զէն բնակ­չու­թեան դէմ նոյ­նինքն ա­զե­րի բա­նա­կա­յին­նե­րու եւ զի­նեալ­նե­րու գոր­ծադ­րած սպան­դին մա­սին։
Ա­լիեւ հօր՝ ­Հայ­տար Ա­լիե­ւի մատ­նա­հետ­քե­րով սադ­րանք մըն էր ե­ղա­ծը սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն դէմ…

Եւ ի՞նչ նպա­տա­կով…

Մէկ կող­մէ օ­րո­ւան նա­խա­գահ ­Մու­թա­լի­պո­վի դէմ ժո­ղո­վուր­դը գրգռե­լու եւ իշ­խա­նա­փո­խու­թեան յե­ղաշր­ջում ի­րա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կով, ա­պա՝ ­Պա­քո­ւի եւ Սում­կայ­թի մէջ հա­յե­րու բնաջն­ջու­մին դէմ բարձ­րա­ցած մի­ջազ­գա­յին դա­տա­պար­տան­քի ա­լի­քին պա­տաս­խա­նե­լու… «­Խո­ջա­լո­ւի մէջ հա­յե­րու գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նու­թեան» յե­րիւ­րան­քով եւ հա­մա­պա­տաս­խան հա­կա­հայ ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեամբ։

Խո­ջա­լո­ւի վտան­գա­զերծ­ման հե­տե­ւած 26 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հին ներ­կա­յա­ցու­ցին ատ­րէյ­ճա­նա­կան-թրքա­կան հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թիւ­նը մեր­կաց­նող փաս­տա­կան նիւ­թեր՝ տե­սա­նիւ­թեր, լու­սան­կար­ներ եւ ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թեր։

Կը մնայ, որ քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հը ղե­կա­վա­րող ու­ժե­րը ար­դա­րու­թեան եւ ճշմար­տու­թեան չգե­րա­դա­սեն ի­րենց նաւ­թա­յին ու ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ինչ-ինչ հա­շիւ­ներն ու ա­խոր­ժակ­նե­րը։

Կը բա­ւէ, որ վերջ տրո­ւի քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հը եր­կու չափ եւ եր­կու կշի­ռով ղե­կա­վա­րե­լու պա­տե­հա­պաշ­տու­թեան։

Խո­ջա­լո­ւի վնա­սա­զեր­ծու­մը, ի վեր­ջոյ, միակ ելքն ու գրա­ւա­կանն էր հայ­կա­կան Ար­ցա­խի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան՝ ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու ա­նոր բնա­կան եւ անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւուն­քին նո­ւա­ճու­մին։

Ժա­մա­նա­կը շա­տոնց ե­կած է, որ­պէս­զի Ար­ցա­խի ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը յար­գե­լու եւ նուի­րա­գոր­ծե­լու քա­ղա­քա­կան թէ բա­րո­յա­կան ի­րենց պար­տա­ւո­րու­թեանց տէր կանգ­նին մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը ղե­կա­վա­րող ու­ժե­րը։

 

Սպաննէք Ներքին Վախերը

0
0

ԷԴԻԿ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ

Մայիսին նշելու ենք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100-ամեակը: Հայի ուժի, հայի ոգու, առ լինելութիւն հայի հաւատի, անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն-հայրենիք ունենալու հայի դարաւոր երազանիքների իրականացման մեծագոյն վկայութիւնն է դա:

Ցեղասպանութիւնը մեր անժամանցելի տխուր յիշողութիւնն է, որ նոյնպէս իր հարիւրամեակին հասաւ, ու ողջ աշխարհի մարդկութեան ճակատին մեծ դղրդիւնով խարանուեց. չդատապարտէք` կը լինէք դատապարտուած: Կարելի՞ է չափել այն ուժը, որ այդ մեծ արհաւիրքից յետոյ հայը գտաւ իր մէջ ու իր բնօրրանի մի հատուածում արարեց Հայաստանի Հանրապետութիւն հրաշքը: Եւս մի 100 տարի, ու պէտք էր ծնուէր նոր հրաշքը` Արցախի Հանրապետութիւնը, մեր երկրորդ անկախութիւնը, որ, ինչպէս` 100 տարի առաջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, դարձաւ տուն ու տանիք իր հերոսական ժողովրդի համար:

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին ընդառաջ անելիքները շատ են, իսկ ամենամեծ անելիքը, թերեւս, այդ անկախութեանը մեր պարտքը վերադարձնելն է, 100-ամեայ հեռաւորութիւնից այն ճիշդ արժեւորելն ու մեր ասելիք-անելիքը օտարոտի վախերից մաքրելը: Արձան ենք կանգնեցնում` մտածում էք` ի՛նչ կ՛ասեն, ժապաւէն ենք նկարում` մտածում ենք` ի՛նչ կ՛ասեն, ելոյթ ենք ունենում` մտածում ենք` ի՛նչ կասեն… Ասես` հմայիլ են դրել մեր մէջ… Զինանշանն ենք խուզում, օրհներգն ենք հարթում, մեր ձեռքով մեր պատմութիւնն ենք ծռմռում, որ յանկարծ… որ յանկարծ մեզ բան չասեն, եթէ դա իրենց քիմքին հաճելի չլինի: Հանենք մեր միջից այդ հմայիլը, բաւական է այլեւս առաջ գնալ 70-ամեայ խորհրդային վախերով ու կեղծիքով:

Շշմելու բան եմ ասելու հիմա: Շարժապատկերի հայ բեմադրիչը ժապաւէն է նկարել մայիսեան հերոսամարտերի մասին, որոնց տրամաբանական շարունակութիւնը դարձաւ Հայաստանի Հանրապետւթիւնը: Եւ գիտէ՞ք` ինչ է ասում այդ ժապաւէնում: Ասում է` կաթողիկոսն առաջ ընկաւ, ժողովուրդն էլ նրա հետեւից գնաց ու Սարդարապատում ջարդ տուեց թուրքերին: Ա՛յ էս պոյի էշութիւն, եւ ոչ մի խօսք այդ ամէնի կազմակերպիչների` գլուխները մահու տուած դաշնակցական գործիչների մասին: Դրո՞ն, հա՛ հա՛ հա՛,  երեւի պատահաբար իմացել է, որ Բաշ Ապարանի կողմերում կռիւ է ու Ջամշլու գիւղից իջել է Ապարան, որ տեսնի` ի՛նչ է կատարւում: Ձեր խելքին ձիւն գա, ո՞վ է այդպս շարժապատկեր նկարում:

Տարիներ առաջ Եռաբլուրում ամփոփեցինք զօրավար Սեպուհի աճիւնասափորը: Պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեանի գլխաւորութեամբ մեծ թուով պաշտօնեաներ էին ներկայ, նաեւ զինուորներ էին բերել, որ նրանց էլ վարակէին քաջ զօրավարի օրինակով: Լիքը ժողովուրդ… Եւ սկսուեցին ճառերը: Ամենաերկարը խօսեց պաշտպանութեան նախարարը, որ անդրադարձաւ Սեպուհի քաջագործութիւններին, զօրավարական ունակութիւններին, շիտակութեանը, ահարկու տեսքին եւ այլն: Յետոյ ձայն տրուեց աճիւնասափորին Հայաստան ուղեկցած Սեպուհի ինչ-որ բարեկամների, ու հերթը հասաւ պատմաբանին, որ պէտք էր ամփոփէր այդ իրադարձութիւնը: Սա էլ ահագին խօսեց, ներկայացրեց ժամանակաշրջանը, Սեպուհի մանկութիւնը, պատանեկութիւնը ու մէկ էլ կտրուկ անցում կատարեց, թէ, բա՜, Սեպուհը, տեսնելով ժողովրդի վատ վիճակը, զէնքը վերցրեց ու գնաց կռիւ: Ես ոչ մի վատ բան այդ պատմաբանի մասին չեմ կարող ասել, որովհետեւ նրա գրքում բոլորովին այլ Սեպուհ է, ճշմարիտ, մասնագիտութեամբ հիւսն շարքային դաշնակցականից մինչեւ կուսակցական դպրոցով թրծուած զօրավար: Հիմա ուզում եմ հասկանալ` ո՞վ կարող էր մեզ սրբավայր Եռաբլուրում որեւէ բան ասել, եթէ մենք համարձակ ներկայացնէինք մեր հերոսին:

Այս օրերին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակի բազմաթիւ միջոցառումներ են տեղի ունենում աշխարհի տարբեր անկիւններում: Բայց այդ միջոցառումներն իրենց բովանդակութեամբ, ցաւալիօրէն, շատ տարբեր են հայաստանեան միջոցառումներից: Ինչո՞ւ է Լիբանանում նոյն երգը հնչում մի կերպ, իսկ Հայաստանում` մէկ այլ, մի տեսակ վախուորած, փոխուած բառերով, ինչո՞ւ են սփիւռքում կարծում, որ հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանը պէտք է դրուի Հանրապետութեան հրապարակում, իսկ Հայաստանում մտածում` դէ՛, դաշնակցական է, հրապարակի կողքին աւելի լաւ կը նայուի:

Ես չգիտեմ, թէ ո՛վ է յղացել այն լուսաւոր միտքը, որ մեր դպրոցներում Դաշնակցութեան անունը ինչքան քիչ տանք, այնքան լաւ: Նոյն երգն այստեղ է` ժողովուրդը զէնքը վերցրեց ու գնաց թուրքի դէմ կռիւ: Այդպէս էլ սերունդ ենք կրթում, ու դպրոցից դուրս եկողը մտածում է` ոնց անի, որ չգնայ ծառայութեան, որովհետեւ վախենում է` սապոգը ոտքը ցաւեցնի: Հաւատացէ՛ք` ոչինչ հէնց այնպէս չի լինում, եւ մեր բազում խնդիրներ էլ պայմանաւորուած են ոչ թէ ուրիշ ազդեցութիւններով, այլ ծնունդ են մեր մէջ նստած վախերի:

Մայիսին նշելու ենք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100-ամեակը: Հայի ուժի, հայի ոգու, առ լինելիութիւն հայի հաւատի, անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն-հայրենիք ունենալու հայի դարաւոր երազանիքի իրականացման մեծագոյն վկայութիւնն է դա: Ու կարիք չկայ, որ մինչեւ 21-րդ դար մեզ հետ բերած տարօրինակութիւններով զարմացնենք ոչ միայն ինքներս մեզ, այլեւ այդ երեւելի յոբելեանը մեզ հետ նշող միջազգային հանրութեանը:

 

 


Թրքահայ Մտաւորականներուն Կոչը

0
0

Թրքահայ խումբ մը մտաւորականներ, որոնց շարքին են` համալսարանական դասախօսներ, արուեստագէտներ, գիտական աշխատողներ, երաժիշտներ ու գրողներ, ինչպէս` Հայկօ Ճեփքինը, Պարթեւը, Գէորգ Թիւրքերը, Գրիգոր Տինչքայըքճըն, Մանուէլ Չըթաքը, Մասիս Արամ Կէօզպեկը, «Ոմանք»-ի տղաքը, Լեռնա Էքմեքճիօղլուն, Նազան Մաքսուտեանը եւլն., հանրային կարծիքի նկատառման յանձնեցին Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան շուրջ վերջին շրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները: Իրենց կողմէ ստորագրուած գրութեան մէջ կը նշուի, որ Մեսրոպ Բ. պատրիարքի անողոք հիւանդութեան պատճառով պատրիարքական աթոռը թափուր է վերջին տասը տարիներուն, ու անկարելի է զայն այլեւս ղեկավարել ընդհանուր փոխանորդով մը: Պատրիարքական արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններու արդիւնքով գահը արժանաւոր աթոռակալով մը օժտելու իրենց կոչին անոնք կը կցեն Թուրքիոյ հայութեան բոլոր խաւերուն ու հաստատութիւններուն ուղղեալ խօսք մը` պահանջելով, որ անոնք բոլոր հարթակներուն վրայ բողոքեն կառավարութեան միջամտութեամբ վերստին ստեղծուած այս անընդունելի վիճակին դէմ:

«Հանրային խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի այն ժամանակ միայն, երբ արդարօրէն իրականանայ արդարութեան եւ իրաւունքի հարկը` պատրիարքական ընտրութիւնը: Համակերպումէ, հնազանդութենէ բխած լռութիւնը ո՛չ թէ խաղաղութիւն է, այլ` հալածանք», կ՛եզրափակեն անոնք իրենց խօսքը:

Ստորեւ` թրքահայ մտաւորականներուն խօսքը.

Հանրային Կարծիքի Նկատառման,

Անցեալ շաբթուան զարգացումները պատճառ դարձան, որ բազմապատկուին մեր այն մտահոգութիւնները, որոնք սկսած էին զարգանալ ընտրեալ վերջին պատրիարք Մեսրոպ Բ.-ը անգործութեան դատապարտած դժբախտ հիւանդութեան տխուր ու անձկալի շրջանին: Պատրիարքի` դատաբժշկական մարմիններու կողմէ հաստատուած մտագարութեան արդիւնք, անգիտակից ու անգործունակ վիճակին միջանկեալ լուծում մը գտնելու յոյսով ու խառնակութիւններու առաջքն առնելու համար Արամ արք. Աթէշեանը 2010-ին պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ նշանակուեցաւ (հակառակ` Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի նախընթացներուն):

Դժբախտաբար այս միջոցին որեւէ հրաշք չէ պատահած, ու պատրիարքին առողջական վիճակը աւելի քան ինը տարիէ ի վեր կայուն է: Ուր որ ալ ըլլայ, ո՛չ մէկ աթոռ կարելի է թափուր ձգել այսքան երկար ժամանակ: Ո՛չ մէկ տեղ կարելի է փոխանորդութեան նման երկարաձգում մը, երբ բուն աթոռակալը գործունակ չէ: Ըստ եկեղեցական նախընթացներու, աթոռը թափուր կը հռչակուի,  եթէ եօթը տարի չէ գործած:  Պատրիարքը թէեւ ի կեանս է, սակայն աւելի քան 9 տարիէ ի վեր անգիտակից` անկողնոյ կը ծառայէ:

Թափուր է պատրիարքական գահը` կեանքի անխուսափելի, անժխտելի ու անշրջադարձելի պարագաներու բերմամբ: Հակառակը պնդելը պիտի նշանակէր յայտարարել, թէ Երկիրը չի պտտիր իր առանցքին շուրջ:

Կ՛ակնկալենք ու կը պահանջենք, որ վերջ տրուի պատրիարքական աթոռի փոխանորդի մը կողմէ կառավարման, եւ թափուր գահը հանրային քուէարկութեան արդիւնքով օժտուի հեղինակաւոր ու արժանաւոր գահակալով մը` ըստ մեր աւանդութիւններուն եւ ըստ մեր քաղաքացիական իրաւունքի:

Կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ հայութեան բոլոր անդամներուն ու հաստատութիւններուն, որպէսզի բոլոր հարթակներուն վրայ, ամէն միջոց օգտագործելով, բողոքեն ու մերժեն այս իրողութիւնը:

Ի դէմս Կրօնական ժողովի` հոգեւորականներուն կը յիշեցնենք իրենց ունեցած պատասխանատուութիւնը հանրութեան առջեւ: Կը հրաւիրենք զիրենք յարգելու իրենց խոստումը:

Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն, որպէսզի թօթափեն իրենց ընտրեալ ներկայացուցիչներ ըլլալու հանգամանքին հակասող կրաւորականութիւնը եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելով` ըլլան նախաձեռնող: Վստահ ենք, որ քաղաքացիական հակազդեցութիւններն ու պահանջները նկատի պիտի առնուին քաղաքացիներու հանդէպ զգայուն պետական պաշտօնեաներուն կողմէ:

Հանրային խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի այն ժամանակ միայն, երբ արդարօրէն իրականանայ արդարութեան եւ իրաւունքի հարկը` պատրիարքական ընտրութիւնը: Համակերպումէ, հնազանդութենէ բխած լռութիւնը ո՛չ թէ խաղաղութիւն է, այլ` հալածանք:

Սեւան Աթաօղլու – լրագրող
Սարգիս Ատամ – յօդուածագիր
Րաֆֆի Հերմոն Արաքս – լրագրող
Սեզար Աւետիքեան – երաժիշտ
Նուրան Աքքայա – լուսանկարիչ
Աննա Գէորգեան-Ուղուրլեան – դաշնակահար
Գէորգ Գրիգորեան – արձակագիր
Պարոյր Գույումճեան – լրագրող
Թայիս Եըլտըզճը – երաժիշտ
Պօղոս Եղիազարեան – երաժիշտ
Բագրատ Էսդուգեան – արձակագիր
Արաս Էրկիւնեշ – իմաստասէր
Ճան Էրզրումլուօղլու – ուսուցիչ
Նարօտ Էրքոլ – դասախօս
Լեռնա Էքմեքճիօղլու – պատմաբան
Նորա Թաթարեան – արուեստաբան
Նազլը Թեմիր-Պէյլերեան – ընկերաբան
Էրլին Թոմաօղլու – երաժիշտ
Եդուարդ Թովմասեան – հրատարակիչ
Միհրան Թովմասեան – արուեստագէտ
Թագուհի Թովմասեան – արձակագիր
Գէորգ Թիւրքեր – դերասան
Արլեթ Ինճիտիւզեն – թարգմանչուհի
Պարթեւ Կարեան- երաժիշտ
Յակոբ Կիւլեչ – պարուսոյց
Մասիս Արամ Կէօզպեկ – երաժիշտ
Արի Հերկել – երաժիշտ
Հայկօ Ճեփքին – երաժիշտ
Նազան Մաքսուտեան – մարդաբան
Յակոբ Մամիկոնեան – երաժիշտ
Սեւան Մատաթեան – դերասան
Ռուբէն Մելքիսեթօղլու – երաժիշտ
Զաքարիա Միլտանօղլու – ճարտարապետ
Արարատ Մոր – դերասան
Արիս Նալճը – լրագրող
Լարա Նարին – երաժիշտ
Յովհաննէս Շաշքալ – երգիծանկարիչ
Արարատ Շեքերեան – գրականագէտ
Սարեմ Շեշեթեան – պարուհի
Սարօ Ուսթա – երաժիշտ
Սայաթ Ուշաքլըկիլ – գեղանկարիչ
Գայուշ Չալըքման – խեցեգործ
Պօղոս Չալկըճեան – դերասան
Մարալ Չափան-Աթաման – երաժիշտ
Ժաքլին Չելիք – արձակագիր
Մանուէլ Չըթաք – լուսանկարիչ
Հերա Պ. Թաշճեան – արուեստագէտ
Թալին Պ. Քիւրքճեան – պարուհի
Պարգեւ Պալըմեան – բժիշկ
Լեւոն Պաղըշ – յօդուածագիր
Լեռնա Պաղտասարօղլու – յօդուածագիր
Լուիզ Պաքար – թարգմանչուհի
Պուրաք Պետիկեան – երաժիշտ
Ժպիտ Պէրպէրեան – գեղանկարիչ
Պերճուհի Պէրպէրեան – դերասանուհի
Մելիսա Պիլալ – ազգագրագէտ
Գրիգոր Սահակօղլու – արուեստագէտ
Եաշար Սարաճօղլու – լուսանկարիչ
Լորա Սարը – խմբագիր
Անի Սեթեան – խեցեգործ
Թալին Սուճիեան – պատմաբան
Րաֆֆի Սիւզմէ – դասախօս
Նուրհան Տավութեան – դասախօս
Սեւան Տէյիրմենճեան – բանասէր
Գրիգոր Տինչքայըքճը – դերասան
Սօսի Տոլանօղլու – թարգմանչուհի
Սարգիս Փաչաճը – երգիծանկարիչ
Առէն Փերտեճի – բեմադրիչ
Արամիս Քալայ – լուսանկարիչ
Արամ Քերովբեան – երաժշտագէտ
Յովհաննէս Քըլըչտաղը – ընկերաբան
Արման Քէօսէ – լուսանկարիչ
Մինաս Օֆլազ – թատերական գործիչ

 

Էրտողան Կը Խոստովանի, Որ Թուրքիան Օսմանեան Կայսրութեան «Շարունակութիւնն» Է

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Տասնամեակներ շարունակ թուրք պաշտօնեաները հերքած են Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Սակայն վերջին տարիներուն կարգ մը թուրքեր կ՛արդարանային, որ այսօրուան Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պատասխանատու չէ Հայոց ցեղասպանութեան համար, քանի որ ատիկա իրականացուած է ներկայիս գոյութիւն չունեցող Օսմանեան կայսրութեան կողմէ:

Հարցը այլեւս այս պատճառաբանութեամբ չի դրուիր, թէ ցեղասպանութիւն իրականացուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, այլ` թէ ո՛վ պատասխանատու է եղածին համար: Անոնք, որոնք կ՛օգտագործեն այս հիմնաւորումը, կը պնդեն, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Օսմանեան կայսրութեան ո՛չ իրաւայաջորդն է, ո՛չ ալ անոր շարունակութիւնը, այլ անիկա նոր եւ անջատ պետութիւն մըն է…

Այս փաստարկը աստիճանաբար թուլցաւ, երբ նախագահ Էրտողան սկսաւ խօսիլ եւ գործել իբրեւ օսմանեան սուլթան… Երկու շաբաթ առաջ Թուրքիոյ ղեկավարը աւելի բարդացուց իրավիճակը իր երկրին համար, երբ, ըստ լոնտոնեան «Թայմզ» թերթին, պնդեց, որ «ժամանակակից Թուրքիան Օսմանեան կայսրութեան «շարունակութիւնն» է` ուղղակի հակասելով Աթաթուրքի գաղափարախօսութեան, որ մերժած էր կայսերական դարաշրջանը` իբրեւ յետամնաց, հինցած, եւ որ պէտք է անտեսուի եւ մոռցուի, այլ ոչ թէ փառաբանուի»:

Յայտարարելով, որ Թուրքիա Օսմանեան կայսրութեան «շարունակութիւնն» է, Էրտողան փաստօրէն կ՛ընդունի, որ Թուրքիա պատասխանատու է Օսմանեան կայսրութեան գործողութիւններուն համար: Այլ կերպ ըսած` Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ ժառանգած է Օսմանեան կայսրութեան ունեցուածքը, միաժամանակ ժառանգած է նաեւ անոր պարտաւորութիւնները…

Օսմանեան կայսրութեան նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը հաստատելու համար այս ամսուան սկիզբը Էրտողան մասնակցած է սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի (յայտնի` «Կարմիր սուլթան» մականունով) մահուան հարիւրամեակի արարողութեան, զոր ներկայիս կառավարութիւնը վերականգնած է: Էրտողան անտեսած է այն փաստը, որ Կարմիր սուլթանը 1894-1896 թուականներուն հրամայած էր 300 հազար հայերու սպանդը, որ յայտնի է իբրեւ «համիտեան ջարդեր»: Ինչպէս կը հաղորդէ «Թայմզ» թերթը` «Վերջին օսմանեան սուլթաններէն մէկուն ժառանգներուն պէտք է տրուի Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն` վերջ դնելով անոնց գրեթէ հարիւրամեայ պանդխտութեան եւ արտաքսման»:

Ըստ «Թայմզ» թերթի, Ապտիւլ Համիտ Բ. ղեկավարած է 1876-էն մինչեւ 1909, եւ շատ  պախարակուած է Քեմալ Աթաթուրքի ժամանակակից թրքական հանրապետութեան մէջ` իր բռնատիրութեան, հակաարեւմտեան մտայնութեան եւ մամուլի վրայ ճնշումներուն համար: Սակայն նախագահ Էրտողանի իշխանութեան օրօք վերականգնած են զայն: Ապտիւլ Համիտի կեանքը նկարագրող «Փայիթահ» հեռատեսիլային շարքը, որ Ապտիւլ Համիտի կեանքը կը ներկայացնէ շատ վառ գոյներով, բարձր գնահատականի արժանացած է Էրտողանի կողմէ` զայն համարելով որպէս անհրաժեշտ դիտում երիտասարդութեան համար, իրենց երկրի պատմութիւնը ճանչնալու նպատակով… «Մենք սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ը կը համարենք ամենակարեւոր, ամենահեռատես եւ ռազմավարական մտածողութիւն ունեցող մէկը այն անձնաւորութիւններէն, որոնք իրենց դրոշմը թողած են մեր պետութեան վերջին 150 տարիներու վրայ»: Էրտողան ըսած է. «Մենք պէտք է դադրինք Օսմանեան կայսրութիւնը եւ հանրապետութիւնը իբրեւ զիրար հակասող երկու դարաշրջաններ դիտարկելէ»: Ապտիւլ Համիտ մահացած է 1918 թուականին, եւ այս շաբաթ անոր մահուան հարիւրամեակի արարողութեան ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ըսաւ, որ ինք անձամբ պիտի զբաղի անոր ընտանիքի անդամներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու հարցով»:

Այնուհետեւ Էրտողան մեծամտօրէն նախազգուշացուցած է, որ ամերիկեան զինուորները հիւսիսային Սուրիոյ մէջ շուտով «օսմանեան ապտակ» պիտի ստանան, կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը: Ան «կ՛ակնարկէր կիսաառասպելական թրքական մարտական շարժումին, որ կը ներկայանայ իբրեւ լայն բացուած ափով հզօր հարուած մը, որ կրնայ գետին տապալել կամ նոյնիսկ գանկ փշրել ու սպաննել»: Թրքական կառավարամէտ լրատուական միջոցներէն մէկուն հրապարակած ծաղրանկարին մէջ պատկերուած է Տանըլտ Թրամփը, որուն «օսմանեան ապտակ» կը հասցնէ Էրտողան: Բացի ասկէ` «Ռոյթըրզ» մէջբերած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուի այն յայտարարութիւնը, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցէր YPG-ին (քրտական ուժեր Սուրիոյ մէջ), քանի որ վերջինս կը դաւանի նոյն «մարքսիստական, համայնավարական, անաստուածութեան» գաղափարախօսութիւնը®

Վերադառնալով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ամբողջութեամբ  նոր եւ Օսմանեան կայսրութենէն անջատ պետութիւն է, միջազգային իրաւունքի փրոֆեսէօր Ալֆրետ տը Զայեաս կը բացատրէ` «Հայերու դէմ 1915-1923 թուականներուն ցեղասպանութիւնը եւ համապատասխանութիւնը 1948-ի Ցեղասպանութեան պայմանագիրը» խորագիրը կրող գրութեան մէջ, ըսելով, որ «իրաւայաջորդ պետութիւնը» պատասխանատուութիւն կը կրէ նախորդ վարչակարգին կատարած յանցանքներուն համար: Թերեւս, այն պետութիւնը, որ նախորդի «շարունակութիւն»ն է, նոյնիսկ աւելի.՛ պատասխանատուութիւն կը կրէ, քանի որ անոնց միջեւ տարբերութիւն չկայ, ինչպէս խոստովանած է Էրտողան, երկու շաբաթ առաջ:

Ատկէ բացի` Ալֆրետ տը Զայեաս իր ուսումնասիրութեան մէջ մէջբերած է փրոֆեսէօր Մ. Շերիֆ Պասիունը` նշելով, որ` «Միջազգային իրաւունքի մէջ, պետութեան պատասխանատուութեան իրաւական շարունակականութեան եւ սկզբունքներու ուսմունքը «իրաւայաջորդ կառավարութիւնը» պատասխանատու կը համարէ նախկին իշխանութիւններու խախտումներէն բխած պահանջներու առնչութեամբ»: Փրոֆ. Զայեաս եզրակացուցած է, որ` «հայերու պահանջները` կապուած անոնց ապօրինաբար բռնագրաւուած ունեցուածքին, չեն անհետանար սուլթանութենէ Մուսթաֆա Քեմալի վարչակարգ անցնելուն հետ»:

Ի վերջոյ, փրոֆ. Զայեաս հաստատեց, որ` «իրաւայաջորդ պետութիւններու պատասխանատուութեան սկզբունքը պահպանուած է, նոյնիսկ` այն պարագային, երբ այդ սխալները, զորս գործած են պետութիւնը եւ կառավարութիւնը, «իրաւայաջորդ պետութեան» չեն պատկանիր»: Այս սկզբունքը ձեւաւորուած է, մասնաւորապէս, Մնայուն իրաւարար դատարանի կողմէ` «Փարոս» միջնորդական գործով (Ֆրանսայի եւ Յունաստանի միջեւ, 1934):

Կրնանք եզրակացնել, որ Էրտողան հաստատելով, որ ներկայիս Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Օսմանեան կայսրութեան շարունակութիւնն է, անզգուշօրէն խոստովանած է, որ Թուրքիա պատասխանատու է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին հասցուած ցեղասպանական, տարածքային եւ տնտեսական վնասներու համար: Էրտողանի խոստովանութիւնը պէտք է ներկայացուի որպէս ապացոյց, երբ հայերու` Ցեղասպանութենէ յառաջացած պահանջները ներկայացուին Արդարադատութեան միջազգային դատարան:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Միտումնաւոր Խեղաթիւրո՞ւմ, Թէ՞ Պարզապէս Ստրկամտութիւն

0
0

«ԱՊԱՐԱԺ»

Ակնյայտ է, որ արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած միջոցառումների մշակութային բաժինը, անցեալ տարիների հետ համեմատած, կրում էր ազգային եւ հայրենասիրական լիցքեր: Շրջաններում կազմակերպուած միջոցառումներին եւ փետրուարի 20-ին Երիտասարդական պալատում կազմակերպուած համերգին հնչեցին միայն ազգային եւ հայրենասիրական երգեր, եւ, ինչը պակաս կարեւոր չէ, բոլոր ելոյթները հնչեցին ՀԱՅԵՐԷՆ:

Դեռեւս չենք մոռացել ազգային մեծ նշանակութիւն ունեցող յոբելեանների տօնակատարութեան առիթով Ռուսաստանից եւ Ուքրանիայից հրաւիրուած երգիչներին, պարային համոյթներին ու դերասաններին: Մի երեւոյթ, որը միշտ դատապարտուել է, սակայն ամէն անգամ էլ կրկնուել: Վերջապէս, ազգային տօնը պէտք է փոխանցի նաեւ ազգային շունչ ու ոգի: Դա տեղի ունեցաւ այս տարի:

Սակայն կայ մի բայց…

Մօտ անցեալում «բարի» սովորութիւն էր` եթէ ազգային նշանակութիւն ունեցող ինչ-որ իրադարձութեան մէջ գլխաւոր դերակատարութիւն ունէր Դաշնակցութիւնը, դրանից մի քանի օր առաջ կամ յետոյ անպայման Հայաստանի, ինչո՞ւ չէ, նաեւ Արցախի հեռուստատեսային տարբեր ալիքների միջոցով սփռւում էին խորհրդային օրերից ժառանգութիւն ստացած հակադաշնակցական, պոլշեւիկեան ժապաւէններ` «Սարոյեան եղբայրներ», «Նուագախմբի տղաները»…

Տարիներ առաջ արցախեան շարժմանը նուիրուած` Հադրութում կազմակերպուեց մի միջոցառում, որտեղ դպրոցական աշակերտների` «Սարերից իջան մի խումբ ձիաւոր» երգի կատարման ժամանակ համերգի կազմակերպիչը նկատողութիւն ստացաւ վարչակազմի ղեկավարի կողմից` դաշնակցական երգեր հնչեցնելու մեղադրանքով: Դէ՛, հասկանալի է, դեռեւս տիրում էր մի մթնոլորտ, որտեղ պետական պաշտօնեաները իւրաքանչիւր քայլի համար հաշուարկներ էին անում` ելնելով 2005թ. ընտրութիւններից, Դաշնակցութեան ընդդիմադիր կեցուածքից եւ…

Ինչ-որ տեղ իրաւացի է Հադրութի շրջանի այն ժամանակուայ ղեկավարը: Հայրենասիրական եւ մարտական շունչ փոխանցող ազգային երգերը Դաշնակցութիւն պարունակող հոգեկան իրավիճակ են ստեղծում: Դեռ աւելի՛ն. հայրենասիրական, մարտական երգերից շատերի մէջ յիշատակւում է Դաշնակցութիւնը, եւ դա անհանգստացնում է որոշներին: Համատարած երեւոյթ է, որ նշուած երգերն աղաւաղելով` այսպէս թէ այնպէս կատարումների ժամանակ հանւում է «դաշնակցութիւն» բառը եւ փոխարինւում այլ բառակապակցութեամբ: Ինչպէս, օրինակ, մեզ շատ յայտնի երգի «Արիւնոտ դրօշ վեհ Դաշնակցութեան» տողը փոխարինւում է «Արիւնոտ դրօշ վեհ ազգ հայութեան» տողով, կամ` ուղղակի մոռացւում է Դաշնակցութեանը վերաբերող բաժինը:

Պէտք է խոստովանել, որ արցախեան շարժման 30-ամեակի կապակցութեամբ փետրուարի 20-ին Ստեփանակերտում կազմակերպուած գլխաւոր միջոցառմանը հնչեցրած ելոյթներում չկատարուեցին վերը նշուած խեղաթիւրումները: Սակայն նոյն իրավիճակը չէր շրջանների միջոցառումներում: Շրջանների մշակութային միջոցառումների պատասխանատուները դեռեւս «ներքին վախով» են տառապում: Անշուշտ, դրա վրայ առաջին հերթին պէտք է ուշադրութիւն դարձնի ԱՀ մշակոյթի նախարարութիւնը: Վերջապէս պէտք է մէկ անգամ եւս ոչ միայն յիշեցնել, այլ նաեւ պարտաւորեցնել, որ պատմութեանը նայեն անաչառ հայեացքով:

Բայց, այնուամենայնիւ, նիւթի աւարտին մեր կողմից յիշեցնենք մի քանի պարզ պատմական անհերքելի իրողութիւններ` շտկումների ակնկալիքով:

… Օսմանեան եւ ցարական բռնակալութեան դէմ, 1890-ական թուականներից սկսած, հայ իրականութեան մէջ հիմնականում պայքարել է Դաշնակցութիւնը, եւ բնական է, որ բռնակալութեան դէմ պարզուած դրօշը` Դաշնակցութեան դրօշը արիւնոտ լինի: Դրա համար պէտք է երգել`

«Արիւնոտ դրօշ վեհ Դաշնակցութեան,

Ծածանուեց ընդդէմ բռնակալութեան»:

…. Թալէաթը մահապատժի ենթարկուեց ՀՅԴ որոշումով, որը կայացուել էր 1919-ի ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովում, իսկ դա իրականացուեց մի խումբ դաշնակցականների միջոցով, իսկ բուն գործողութիւնն իրականացրեց Սողոմոն Թեհլերեանը: Ուրեմն, պէտք է երգենք`

«դաշնակցութիւն ժողով արեց,

Շուն Թալէաթին մահ որոշեց,

Թեհլերեանի բախտը բացուեց…է:

… Եւ, վերջապէս, Դաշնակցութիւնը կանգնած է Արցախեան ազատագրական շարժման ակունքներում: Դաշնակցական էին` Արթուր Մկրտչեանը, Տողի Վիգէնը, Արմէնչոն, Մարտունու Մերուժը, Աշոտ Բեկորը, Նորայր Դանիէլեանը, Վարդան Դուշմանը, Պետոն, Կարօտը, Թաթուլ Կրպեյեանը, Շահէն Մեղրեանը, Շոշի Ագոն, Մհեր Ջուլհաճեանը, Վիգէն Զաքարեանը եւ աւելի քան հազար գաղափարակիր ընկերներ, ովքեր իրենց կեանքը զոհեցին յանուն գաղափարի… Այս մասին հարկաւոր է յիշեցնել վերոնշեալ անձանց նուիրուած միջոցառումները կազմակերպող` ԱՀ բանակի պատասխանատու անձանց եւս:

Իրօք, վիրաւորական է, երբ այդ հերոսներին նուիրուած երգերում անտեսւում է նրանց գաղափարը կրող փարոսը: Ուրեմն, Կարօտին նուիրուած երգը պէտք է երգել`

«Նրանց թւում գնաց կռուի դաշտն արնոտ,

Դաշնակցական խենթն էր` անունը Կարօտ…»

 

 

Ղարաբաղեան Շարժումի 30-ամեակ

0
0

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ղարաբաղի Մասին

Ըսինք արդէն, որ Ղարաբաղը իբրեւ Հայաստանի անբաժան մաս` պատմութեան մէջ կազմած է  անոր 15 նահանգներէն մէկը, որուն տարածութիւնը, լեռնային ու դաշտային շրջաններով, 8.100 քառ. քմ է: Ժամանակի ընթացքին թշնամի յարձակումներէն պաշտպանուելու համար բնակչութիւնը ամրացաւ լեռնային շրջանները, ուր շատ աւելի ապահով կը զգար, իսկ դաշտային բաժնին մէջ բնակութիւն հաստատեցին եկուոր ցեղերը, այսինքն այդ ցեղերու խառնուրդ` այսօրուան ազերի-թաթարները:

Ղարաբաղ (սեւ այգի) թրքերէն անունը գործածական դարձած է 15-րդ դարէն, թուրք-թաթարական ցեղերու յարձակումներէ ետք: Թէ ինչո՞ւ այդպէս կոչուած է, բացատրութիւնը երկուք է: Ըստ Ղարաբաղի հայերուն, յարձակողները այնքան շատ զոհեր տուած են, որ ի նշան սուգի շրջանը անուանած` Սեւ այգի: Կայ նաեւ տեսակէտ, որ հայկական  Արցախ անունը կազմուած է «ար» եւ «ցախ» բառերէ, որ կը նշանակէ լեռ (ար-ար-ատ), որ ցախերով, այսինքն թուփերով (թերեւս` սեւ մորենի) լեցուն է: Ըստ այս բացատրութեան, կարելի է համարել, որ «Ղարաբաղ» թրքերէն անունը հայերէնին գրեթէ բառացի թարգմանութիւնն է: Յամենայն դէպս, Լեռնային Ղարաբաղի հայկական անունը Արցախ է, որ կը տարածուի Հայաստանի հիւսիս-արեւելքը` Կովկասեան լեռներու մէջ բլուրներով շրջապատուած եւ անտառներով հարուստ շրջան մը` 4.400 քառ. քմ տարածութեամբ: Մայրաքաղաքը` Ստեփանակերտ, համայնավար գործիչ` Ստեփան Շահումեանի անունով: Իսկ գլխաւոր քաղաքը` Շուշի, որ կառուցուած է լերան մը կողին, եւ որ անցեալին երկար ժամանակ եղած է մշակութային կեդրոն: Արցախի պատմական ճակատագիրը բնականաբար կազմած է անբաժան մասը Հայաստանի ճակատագրին: Պատմութեան ընթացքին, արտաքին յարձակումներու պատճառով երկրին տարբեր շրջանները կրած են սահմանային ու ազգագրական փոփոխութիւններ, բայց եւ այնպէս Արցախն ու արցախցին միշտ պահած են հայկական իրենց էութիւնը` հակառակ սելճուքներու, մոնկոլ-թաթար-թիւրքմեն ցեղերու եւ ուրիշներու վայրագ յարձակումներուն: Արցախը  գլխաւորներէն  մէկն է Հայաստանի այն շրջաններէն, որ թրքական ու պարսկական  յարձակումներու ենթակայ ըլլալով եւ օտարի տիրապետութեան տակ գտնուելով հանդերձ, կառչած մնացած է իր հողին, ազգային աւանդութիւններուն, ազատութեան ձգտումին:

17-րդ դարուն, պարսկական տիրապետութեան շրջանին, Արցախի մէջ գոյաւորուեցան  հինգ «մելիքութիւններ»` իշխանական ընտանիքներ, որոնց ղեկավարութեան տակ հայութիւնը դիմադրելով պարսկական ու թրքական յարձակումներուն` ոչ միայն ունեցած է կիսանկախ կեանք, այլեւ` սկիզբը դրած հայկական ազատագրական շարժումին, ձգտելով անկախութեան, որ Հայաստան կորսնցուցած էր 1045 թուականէն ի վեր, Բագրատունեաց թագաւորութեան կործանումէն ետք:

Պատմական Ակնարկ (Հպանցիկ)

Ինչպէս Հայաստանը, նոյնպէս եւ Արցախը յաջորդաբար ինկաւ արաբներու (8-րդ դար), սելճուք թուրքերու (11-րդ դար), ապա մոնկոլ-թաթարներու տիրապետութեան տակ (13-15 դար): Հետագային, Օսմանեան թուրքերու երեւումով, փոխն ի փոխ եւ ժամանակ առ ժամանակ շրջանին տիրեցին Թուրքիան ու Պարսկաստանը` մինչեւ 1805 թուականը, երբ ցարական Ռուսիան քաղաքական բեմ գալով` գրաւումներու սկսաւ: Այդ երկուքի տիրապետութեան շրջանին` 17-րդ դարու երկրորդ կէսին, հարեւան երկու նահանգներէն` Արցախէն եւ Սիւնիքէն ծայր առաւ ազատագրական շարժում  մը, որուն ամէնէն եռանդուն գործիչը հանդիսացաւ Արցախի իշխանական ընտանիքէն երիտասարդ մը` Իսրայէլ Օրի: Հետագային, Ռուսիոյ քաջալերանքով եւ Դաւիթ Բէկի ղեկավարութեամբ, այդ շարժումը վերածուեցաւ զինեալ յաջող ապստամբութեան, եւ Արցախը կարճ ժամանակով մը (1723-28) անկախացաւ:

Ամէն պարագայի, Հայաստանի տիրապետութեան համար ռուսական յառաջխաղացքը դուռ բացաւ ռուս-պարսկական եւ ռուս-թրքական պատերազմներու, որոնց պատճառով մեր հայրենիքը երեքի բաժնուեցաւ` վերոնշեալ երեք պետութիւններու միջեւ եւ անոնց տիրապետութեան տակ:

Ռուսիա, իրեն դաշնակից ունենալով հայերն ու վրացիները, կը փորձէր գրաւել Անդրկովկասը եւ  միացնել իր կայսրութեան: Յաղթական պատերազմներէն ետք, ի վերջոյ, պարսկական Թիւրքմենչա գիւղին մէջ 1828-ին կնքուած դաշնագիրով Ռուսիա Պարսկաստանէն կը խլէր Արեւելեան Հայաստանը եւ տէր կը դառնար անոր:  Ատկէ առաջ իր կայսրութեան միացուցած էր արդէն Արցախը, Սիւնիքը եւ Պաքուի խանութիւնը` կարգ մը այլ շրջաններով միասին: Արեւմտեան Հայաստանը կը շարունակէր մնալ օսմանեան տիրապետութեան տակ:

Պէտք է խոստովանիլ, որ ռուսական տիրապետութեան տակ Արեւելեան Հայաստանը յարաբերաբար ունեցաւ կեանքի ու ստացուածքի ապահովութիւն եւ դարձաւ ազգահաւաքման ու գոյատեւման հաստատուն կայք, բայց եւ այնպէս կրեց նաեւ գաղութատիրութեան դառնութիւնները:

(Շար. 2)

Խմբագրական «Դրօշակ»-ի. Մեր Յաղթանակը, Մեր Տօնը

0
0

Շատերս երեխաներ էինք, երբ մեր «վեթերան պապերը» դրուագներ էին յիշում երկրորդ համաշխարհային պատերազմից: Մանուկներիս համար ձանձրալի էր ականջ դնելը ինչ որ պատմութիւնների, որ այլեւս գլորուել էին հազար տարուայ յիշողութիւնների անդունդը: Ներկայիս հեռաւորութիւնից մանկութեան այդ տարիները աւելի հեռու չէին անցած աշխարհամարտի ծխացող շնչից, քան այսօրուայ հեռաւորութիւնն է Ղարաբաղեան շարժման իրադարձութիւններից: Բաւական է, սակայն մի պահ վերյիշելը 88-ի եւ դրան յաջորդող տարիների փոթորկոտ օրերը եւ արիւնը սկսում է ջերմանալ երակներում, պատկերները յաջորդում են իրար, կարծես երեւակւում են երէկուայ իրականութիւնից:

Իհարկէ նաեւ այն տարբերութեամբ, որ ղարաբաղեան պայքարը իրապէս մեր պայքարն էր` մեր հողի վրայ:

Ճիշդ է, որ երեւոյթները ամբողջականօրէն ընկալելու համար անհրաժեշտ է հեռուից նայել դրանց: Վստահ եմ, որ գալիք ժամանակներում աւելի բարձր գնահատականներ են տրուելու հայութեան այն մեծ սխրանքին, որն այլեւս արձանագրուած է, որպէս Ղարաբաղեան ազատագրական պայքար: Անհերքելի փաստ է, որ երբեմնի ամենահզօր կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդը ոտքի ելաւ ազատագրելու համար բռնակցուած հայրենիքի մէկ հատուածը: Եւ սա այն պարագայում, որ հալածանքներով ու ջարդերով պարտադրուած գաղութացման դէմ ընդվզման ցանկացած փորձ, անցած 7 տասնամեակներին, պատժուել էր դաժան կերպով:

Տեղի ունեցած գիտակցուած խենթութեան կշիռը որոշելու համար անուղղակիօրէն համեմատենք այն նոր ժամանակների նմանաբնոյթ շատ օրինակների հետ, երբ այլ ժողովուրդներ ձգտում են անկախութեան, բայց երբ պարզւում է, որ ճանապարհը փշոտ է բացայայտւում է, որ այդ հանրութիւնները ոգով պատրաստ չեն հնարաւոր փորձութիւններին:

Իհարկէ 88-ի փետրուարին Ստեփանակերտի ու Երեւանի հրապարակները հեղեղած մարդիկ նոյնպէս աղօտ պատկերացում ունէին գալիք դաժան քննութեան մասին, բայց կեանքն ապացուցեց, որ հայ մարդն անցնելով յիշողութիւնը, պատմութիւնն ու ինքնութիւնը մոռացութեան տալու քուրայի միջով մանկուրտ չէր դարձել, այլ, մնացել էր տէրը իր ճակատագրի ու ժառանգը նախորդների դատի եւ պայքարի: Հայ ժողովուրդը Արցախեան պայքարն ընդունեց, որպէս փորձութիւն, որը միմիայն յաղթանակով կարող էր աւարտուել, ոչ մէկ մարդ չէր մտածում, թէ կռիւ է եւ կարող ենք նաեւ պարտուել: Հաւանական պարտութիւնը կը լինէր վերջի սկիզբը, իսկ յաղթանակը պարտութեան անիւը ետ պտտելու պատմական անկրկնելի հնարաւորութիւն` այս էր մտայնութիւնը եւ սրանից էր բխում անայլընտրանք հետեւութիւնը:

Փլուզուող կայսրութիւնը հնարաւորն արեց վիժեցնելու համար ազգային հարց կոչուած այն հրաբուխի ժայթքումը, որի վրայ, ըստ էութեան, նստած էր ինքը: Բայց հայութիւնն անդրդուելի էր իր անայլընտրանք վճռի մէջ: Հակառակորդը ազատագրական պայքարի դէմ ելաւ կայսերական քաղաքականութեան հովանաւորութեամբ, ռազմական հակամարտութեան դիրքեր բերեց թուրքերին, թալիբներին, չեչեններին` վարձկան մասնագէտների, դիպուկահարների եւ ուրիշների` հայկական կողմի կորուստները աճեցին, բայց կամքը չկոտրուեց: Խորհրդային միութեան փլուզումից յետոյ ներքին հակամարտութիւնը ընդունեց միջազգային բնոյթ, ենթակայ դառնալով անկախական շարժումներից խրտչող միջազգային ուժերի հակադարձումին, բայց մտադրութիւնները չփոխուեցին եւ չեն փոխել անգամ ձգձգուող եւ անպտուղ բանակցութիւնները: Հայ ժողովուրդը յաղթանակին հաւատում էր այն ժամանակներում, երբ Արցախեան փոքրիկ կղզեակը մեկուսացուած էր 7 միլիոնանոց Ազրպէյճանի շրջափակման մէջ, երբ ռումբերի պայթիւնը արձագանգւում էր նկուղներում ապաստանած ժողովրդի ականջներում, հետեւաբար վերջնական յաղթանակի հարցում կասկած չպէտք է լինի այսօր:

Հայ ժողովուրդը թանկ վճարեց արցախեան մարտահրաւէրի համար, սակայն այդ մարտահրաւէրի գինը այսօրուայ հզօրացող արցախեան միջնաբերդն է, իր խաղաղ-ստեղծարար գոյակցութեամբ: Արցախեան զանգը հնչել էր ողջ հայութեան համար եւ հայութիւնը որպէս մէկ ամբողջութիւն արձագանգեց ու շարունակում է արձագանգել նոր զարթօնքի ղօղանջներին: Հետեւաբար եւ մեր բոլորինն է յաղթանակը` մերն, է 30-երորդ տարեդարձի ազգային մեծ տօնը:

 

Viewing all 12047 articles
Browse latest View live