Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Միկոյեանի` 1959-ի Զարմանալի Դիտողութիւնը Նիքսընին, Թրքահայերու Իրաւունքներու Մասին

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Վերջերս Միացեալ Նահանգներու արխիւներէն յայտնաբերեցի փաստաթուղթ մը, որ կը նկարագրէ ԽՍՀՄ նախարարներու խորհուրդի նախագահի առաջին տեղակալ Անաստաս Միկոյեանի եւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ռիչըրտ Նիքսընի միջեւ 1959 յուլիս 25-ին կայացած հետաքրքրաշարժ զրոյցը` վերջինիս Մոսկուա կատարած այցելութեան ընթացքին: Անոնք աւելի առաջ հանդիպած էին դէպի Միացեալ Նահանգներ Միկոյեանի պատմական այցելութեան ժամանակ:

Պաղ պատերազմի գագաթնակէտին մրցակից երկու առաջնորդներու միջեւ տեղի ունեցած քննարկումը թէեւ քաղաքավարական բնոյթ կը կրէր, սակայն նաեւ աշխուժ էր: Նիքսըն գովասանքի խօսքեր ըսաւ Միկոյեանի մասին, որ` «Միացեալ Նահանգներու մէջ ձեռք բերած է բազմաթիւ ընկերներ, որոնք հիացած էին անոր եռանդով եւ սեփական տեսակէտները ճկունութեամբ արտայայտելու կարողութեամբ»: Նիքսըն նաեւ յայտարարեց, որ` «Միկոյեանի այցը Միացեալ Նահանգներ կոտրած էր սառոյցը ոչ միայն պաշտօնապէս, այլ նաեւ անձնապէս` երկու երկիրներու համապատասխան տեսակէտներու վերաբերեալ»: Արխիւային փաստաթուղթին մէջ նշուած էր, որ Միկոյեան` «սիրալիր պատասխանեց ողջոյնի խօսքին եւ աւելցուց, որ փոխնախագահը մեծ վիճաբանող մըն է եւ ոչ մէկուն պարտքին տակ կը մնայ»:

Զրոյցը շատ արագ վերածուեցաւ քաղաքականութեան, երբ Միկոյեան դժգոհութիւն յայտնեց Քոնկրեսի վերջին բանաձեւի անպատեհութեան մասին` համայնավար իշխանութեան կողմէ բռնագրաւուած պետութիւններու վերաբերեալ, անոնց շարքին` Հայաստանի: Միկոյեանի կը թուէր, որ բանաձեւը նպատակ ունէր խանգարելու Նիքսընի այցը Խորհրդային Միութիւն: Նիքսըն արդարացաւ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը անկախ մարմին է, եւ նոյնիսկ նախագահը չի կրնար վերահսկել անոր որոշումները… Փոխնախագահ Նիքսըն շարունակեց բացատրել. «Մեր բնակչութեան մէջ կան տարրեր, անկախ անկէ, թէ Միկոյեան զանոնք կը համարէ ճիշդ կամ սխալ, որոնք կը կարծեն, թէ իրենց նախկին հայրենիքներուն մէջ կառավարութիւնները պէտք է փոխուին: Մեր Քոնկրեսը յաճախ կ՛ընդունի բանաձեւեր, որոնք կը ներկայացնեն այդ տարրերուն տեսակէտները, որոնք կը ներառեն այնպիսի ազգութիւններ, ինչպիսիք են լեհերը, հունգարացիները եւ այլն: Բանաձեւի եւ մասնաւորապէս նախագահի հռչակագիրին մէջ կ՛ըսուի, որ այդ միայն ամերիկեան ժողովուրդի եւ ամերիկեան կառավարութեան կարծիքի արտայայտութիւնն է, եւ որ իրենք չեն փորձեր մասնակցիլ, այսպէս կոչուած, քայքայիչ գործողութիւններուն»:

Զարմանալի է, որ Միկոյեան, որ խորհրդային բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկն էր, այնուհետեւ նշեց իր հայկական ինքնութեան մասին` Նիքսընի ըսելով, որ` «ինք հայ է, ու թէեւ Հայաստանի կառավարութեան կազմին մէջ չի գործեր, սակայն կը ճանչնայ այդ հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի 30 երեսփոխանները, որոնց կը հետաքրքրէ գիտնալ, թէ ո՞վ իրաւունք տուած է ամերիկեան կառավարութեան` գործելու իրենց անունով, եւ թէ ինչո՞ւ ամերիկեան կառավարութիւնը ոչինչ կ՛ընէ իսկապէս ճնշուած ժողովուրդներու ազատագրման համար, ինչպէս է պարագան Թուրքիոյ մէջ ապրող հայկական փոքրամասնութեան»:

Միկոյեանի յայտարարութիւնը զարմանալի էր, քանի որ ան փոխնախագահ Նիքսընի հետ կը խօսէր որպէս խորհրդային ղեկավար, այլ ոչ թէ` որպէս հայ: Ասկէ բացի` Միկոյեան ծանօթ չէր որպէս հայ ազգայնական: Իրականութեան մէջ ան կը մեղադրուէր բազմաթիւ հայերու մահուան համար` համայնավար իշխանութեան օրերուն տեղի ունեցած չարաբաստիկ մաքրագործումներու ժամանակ: Միկոյեան չէր զօրակցած նաեւ Խորհրդային Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) վերամիաւորման հարցով: Ահա ասոնք էին պատճառներէն քանի մը հատը, որոնց առիթով հայերը դժգոհած էին` Երեւանի մէջ Միկոյեանի յուշարձանը տեղադրելու վերաբերեալ վերջերս Երեւանի քաղաքապետարանի կողմէ կայացուած որոշումէն:

Միկոյեանի հակազգային հայեացքներու հերթական դրսեւորումը անոր յայտարարութիւնն էր 1919 Դեկտեմբերին, Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան կարճատեւ գոյութեան (1918-1920) ընթացքին. «Հայ շովինիստները ապաւինելով կայսերապաշտական դաշնակիցներուն` յառաջ կը մղեն յանցաւոր գաղափար մը` «Մեծ Հայաստան»-ի ստեղծումը պատմական Հայաստանի սահմաններուն մէջ: Այդ հողերու վրայ հայերու բացակայութիւնն ու մահմետական բնակչութեան բացարձակ ներկայութիւնը չի մտահոգեր զիրենք… Մեր [համայնավար] կուսակցութիւնը չի կրնար աջակցիլ «մեծ» կամ «փոքր» Թրքահայաստանի գաղափարին»: Իրականութիւնը այն է, որ Խորհրդային Միութիւնը երբեք չէ պաշտպանած հայերու իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ:

Սակայն Միկոյեան ճիշդ մատնանշած է, որ Միացեալ Նահանգներ դէմ են «ճնշուած ժողովուրդներու ազատագրման», երբ` «ժողովուրդները ճնշուած են իր իսկ կողմնակիցներուն եւ դաշնակիցներուն կողմէ», ինչպէս է պարագան Թուրքիոյ եւ ուրիշ երկիրներու:

Միկոյեան նաեւ հարցականի տակ դրաւ այն, թէ խորհրդային ղեկավարները արդեօք պէտք է ուշադրութիւն դարձնեն Սպիտակ տան դրական ժեսթերո՞ւն, թէ՞ արտաքին գործոց նախարարութեան աւելի թշնամական արձագանգներուն: Միկոյեան «հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօ՞ք Խորհրդային Միութիւնը պէտք է հաւատայ նախագահի կամ փոխնախագահի յայտարարութիւններուն, թէ պէտք է հաշուի առնէ արտաքին գործոց նախարարութեան այս յայտարարութիւնը` իբրեւ ամերիկեան քաղաքականութեան ուղղակի արտայայտութիւն»: Միկոյեան բացատրեց, որ` «Նախագահը յանձնարարած է արտաքին գործոց նախարարութեան մշակել արտաքին առեւտուրի զարգացման ծրագիրներ [Խորհրդային Միութեան հետ]: Արտաքին գործոց նախարարութեան ձեռնարկած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք` կը պարզուի, որ նախագահին ուզածը բան մըն է, Արտաքին գործոց նախարարութեան ուզածը` ուրիշ բան»:

Միկոյեանի հետ հանդիպումը աւարտեցաւ համախոհութեամբ, փոխնախագահ Նիքսընի խոստումով, որ` «Միացեալ Նահանգներ վերադառնալէ ետք ինք պիտի աշխատի առեւտուրի խնդիրներու ուղղութեամբ, բայց պէտք է գիտակցիլ, որ այդ դժուարութիւնները չեն կրնար լուծուիլ գրչի մէկ հարուածով»:

Վերոնշեալ զրոյցը ցոյց  կու տայ, որ Միկոյեան իրականութեան մէջ «խորամանկ» էր, այնպէս` ինչպէս զայն կը նկարագրէին Արեւմուտքի պաշտօնեաները: Ան տասնամեակներ շարունակ գոյատեւած է Խորհրդային Միութեան վերնախաւին մէջ, ապա մինչեւ պարտադրուած կենսաթոշակի անցնիլը` 1964-1965, պաշտօնը աւարտած է իբրեւ Գերագոյն խորհուրդի նախագահ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


Խոհեր` Գիրք Նուիրելու Օրուան Առիթով. Հրապարակային Երախտագիտութիւն (19 Փետրուար)

$
0
0

Հ. Պ.

Քանի մը ամիս առաջ էր, երբ սովորաբար կ՛անցնէի Մարաշ թաղամասէն, իր խանութին դիմաց կեցած բարեկամս զիս կանգնեցուց եւ ըսաւ. «Այս գիրքը կ՛ուզեմ քեզի նուիրել»: Ան նաեւ աւելցուց, որ ատենէ մը ի վեր կը սպասէր յարմար առիթի մը, որպէսզի զիս տեսնէ ու փոխանցէ գիրքը:

Քիչ մը անակնկալի եկած, անմիջապէս շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ բարի օր մաղթելով` շարունակեցի ընթացքս դէպի տուն:

Հազիւ տան շեմէն ներս մտած, սկսայ թերթատել գիրքը: Անիկա հաստափոր բառարան մըն էր, աւելի քան եօթը հարիւր էջ, հեղինակը` Սիմոն Սիմոնեան, որ լոյսին բերած էր այս մատեանը, աշխատակցութեամբ խումբ մը մտաւորականներու:

Յիշենք, որ Սեւան «Ընդարձակ բառարան»-ը տպուած է 1970-ին, «Սեւան» հրատարակչատան կողմէ: Հետաքրքրութենէ մղուած սկսայ սուզուիլ գունատ էջերուն մէջ, ուր բառերու տիեզերք մը ամբողջ կը տողանցէր հերթաբար:

Ճիշդ է, որ նմանօրինակ բառարաններու հետ մօտէն շփման մէջ եղած ենք, շատ անգամ օգտագործած ու յաճախ անոնց դիմած ենք` իբրեւ վաւերական ու եզակի աղբիւրներ, սակայն ստացուած այս նուէրին մէջ, առկայ էր գիտակցական ու ազնիւ զգացողութիւն մը, յանձին` Այնճար հայաւանի զաւակ մեր բարեկամին` Մ.Ա.-ին:

Ի դէպ, կը նշենք մեր բարեկամին անուան առաջին տառերը, պարզապէս չվիրաւորելու անոր համեստութիւնը:

Եւ ահա, գիրք նուիրելու այս օրուան պատեհ առիթին, մենք ալ մեր կարգին, մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք անոր, որովհետեւ նախ` մտածած էր մեր մասին եւ ապա նուիրած պատկառելի գիրք մը, որուն արժէքը անգնահատելի է ըստ մեզի:

Աւելի՛ն. ազնուահոգի այս շարժոյթը (ժեսթը) մեզի համար կը մնայ օրինակելի, խորապէս գնահատելի եւ յիշատակելի, որովհետեւ ընթերցանութեան տակաւ նուազումին, հայ գիրքի եւ մայրենիին հանդէպ յարգանքի ու հաւատամքի օրըստօրէ նօսրացումին դէմ յանդիման, նման երախտարժան մօտեցում`կը զգենու գեղեցկութիւն մը, մտաւոր եւ հոգեկան աշխարհներ հարստացնող, ուսուցող եւ դաստիարակող:

Գալով գաղութահայ կեանքի թէ սփիւռքեան մեր սով իրականութեան, հարկ կը զգանք յիշեցնել, թէ երբ հայրենի պետական կառոյցներ 2008-ին կայացուցած են յոյժ գնահատելի որոշում մը, 19 փետրուարը հռչակելու գիրք նուիրելու օր, ապա իբրեւ սփիւռքացած գաղութներ, այլասերման յորձանուտին ամենածանր տուրքը վճառող հաւաքականութիւններ, երբ մեր կարմրաւուն աչքերուն եւ սպիտակահեր մազերուն դիմաց իրերայաջորդ սերունդներ կ՛օտարանան հայութենէն, ինքնութենէն եւ ցաւ ի սիրտ վեհափառ Արարատէն, ինչպիսի՞ հանճար միջոցներ պէտք է որդեգրել, գէթ որոշ չափով կասեցնելու գահավէժ ընթացքը, այլասերումի յորձանուտը:

Իրօք, երբ ժամեր տրամադրեցինք հաւատքով ու հաւատամքով «զբօսնելու» նուիրուած բառարանին մէն մի էջին մէջ, տեսանք հրաշք գեղեցկութիւնը հայ գիրին ու գրականութեան, հայ բառին ու հանճարեղ մտքի մեծութիւնը:

Ըսինք, թէ գիրքը կը բովանդակէ աւելի քան եօթը հարիւր էջեր, ուր կը տողանցեն բազմահազար բառեր, որոնք իրենց իմաստային հնչեղութեամբ եւ քերականական հարուստ ընկալումներով, մեզ կը փոխադրեն դէպի արմատները կեանքի, դէպի աղբիւրը լոյսի եւ մեծութիւնը` նախնեաց:

Արդ, ի՞նչ կ՛արժեն ցուցադրուած թէ հրատարակուած գիրքեր, երբ անոնց տիրութիւն ընելու համար սերունդներ չեն պատրաստուիր, չեն դաստիարակուիր:

Բեմերէ արձակուած խօսքերը շուտով կը չքանան, կարգախօսերը կ՛ամլանան, տարուած շնորհակալ աշխատանքներն անգամ կ՛իմաստազրկուին, երբ հայ գիրքին հանդէպ մեր կեցուածքն ու մօտեցումը կը մնայ հնաբոյր եւ անարդիւնաւէտ:

Պարզապէս դիտել է պէտք մեզ շրջապատող յառաջադէմ ազգերու կատարած նորարար աշխատանքներն ու առաջադրած ծրագիրները:

Մինչեւ հոն հասնիլը, գէթ առժամեայ հայ վարժարաններուն մէջ այս թուականը հռչակենք հայ գիրք նուիրելու օր եւ տօնը վերածենք մշակոյթի:

 

 

 

Հին Երգը Նոր Առիթով

$
0
0

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ

Հայաստանում լրատուամիջոցներ կան (ելեկտրոնային եւ ոչ ելեկտրոնային), որոնց, թէեւ «մասնագիտացած են» քաղաքական թեմաների գծով, իրենց բանսարկու, ստայօդ ու սադրիչ բնոյթի համար այլ բան չես անուանի քան` դեղին մամուլ: Այս օճառա-պղպջակային ոճի հրատարակութիւնները կրկին աշխուժացել են Դաշնակցութեան հասցէին ցեխարձակումների գործում: Պատճա՞ռը` շատ ակնյայտ է, յառաջիկայ ամիսներին Հայաստանում տեղի է ունենալ ու պետական-իշխանական համակարգի արմատական փոփոխութիւն, որին էլ կը հետեւի նոր կառավարութեան ձեւաւորումը` արդէն առկայ կամ փոփոխուած կամ նոր ձեւաչափով: Ուրեմն այս դեղին մամուլը կամ նրա տէրերն ու պատուէր իջեցնողները «մեծ իրադարձութիւնների» նախօրեակին «լուրջ» խնդիր են դրել իրենց առջեւ` ցոյց տալ Դաշնակցութեանն իր տեղը, սեպ խրել գործող քոալիսիոն գործընկերութեան արանքում, Դաշնակցութեանը ներկայացնել որպէս անյուսալի, թիկունքից հարուածելու ընդունակ ուժի:

Նպատա՞կը` գուցէ յաջողուի փճացնել քոալիսիան կազմած ուժերի յարաբերութիւնները, հասնել նրան, որ կառավարման ոլորտում Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը սահմանափակուի կամ ընդհանրապէս բացառուի բարձրագոյն իշխանութեան մէջ ներկայութիւնը եւ… եւ երջանկանալ դրանով: Ով գիտէ` գուցէ յաջողուի նաեւ նրանց տեղը գրաւել, յայտնի ճշմարտութիւն է, որ սուրբ տեղը դատարկ չի մնում:

Մարդիկ, ինչպէս տեսնում ենք, «վեհ» նպատակ են դրել իրենց առջեւ եւ յանուն դրա պատրաստ են ամէն ինչի: Միայն լաւ կը լինէր մի փոքր թարմացնէին իրենց մտքի ու ասելիքի զինանոցը:

Չէ՞ որ նրանք, ովքեր քիչ թէ շատ հետեւում են լրատուամիջոցների եւ, որոշակի տեսանկիւնից, մեծ լուացքատուն յիշեցնող ընկերային ցանցերի ընթացքին, վաղուց գիտեն, որ Դաշնակցութիւնը, անկախ նրանից, թէ ո՛ր դաշտում է գործում, միշտ ընդգծել է` որպէս քաղաքական առանձին ուժի, իր ինքնուրոյնութիւնը: Ամենակոշտ ընդդիմութիւն եղած ժամանակ անգամ Դաշնակցութիւնն այնպէս չի «խփել» իշխանութիւններին, որ հարուածը դիպչի պետութեանը եւ իշխանութիւն եղած ժամանակ չի խուսափել ասելուց, որ այս կամ այն հարցում իր կարծիքը տարբեր է, կամ թէ դժգոհ է այս կամ այն քայլից ու նախաձեռնութիւնից, եթէ անգամ դրա հեղինակը իշխանութիւնն է կամ իր այլ գործընկերը: Ընդ որում, ինչ որ ասել ու արել է, դրսեւորել է միայն բաց ձեւով, ոչ մէկին անակնկալի չի բերել եւ մանաւանդ թիկունքից չի հարուածել: Այս գործելաձեւի շնորհիւ էլ շատերի պէս եօթ կաշի չի փոխել, անկախութեան գրեթէ երեք տասնամեակի ընթացքում աջից-ձախ, գլխիվայր եւ այլ ցատկեր չի կատարել: Այդ իսկ պատճառով նա եղել է միշտ կանխատեսելի եւ նոյն այդ պատճառով յարգանք է վայելել թէ՛ գործընկերների, թէ՛ նոյնիսկ օտար հակառակորդների ու անգամ թշնամիների մօտ:

Հիմա, հին սազն առած, մեր «դեղնամորթները» նորից սկսել են. «Արմեն Ռուստամեանն ասաց, թէ ռէյթինկայինին դէմ ենք, Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն դատապարտեց, բա իրենց ներքի՞ն հարցերը… ուրեմն, սա վերջնագիր է, սա պահանջագիր է, ամէն ինչ վերջացած է…»:

Առաջարկում եմ նայել ոչ թէ մէկ-երկու, այլ երեք-չորս ամիս առաջուայ Դաշնակցութեան դիրքորոշումներն ու արտայայտութիւնները` տարբեր հարցերի վերաբերեալ, աւելի յետ գնալ` ամիսներ եւ տարիներ, մի՞թէ նոյն բանը չենք տեսնի: Այդ ե՞րբ Դաշնակցութիւնը ինքնուրոյն կարծիքներ չի ասել, որոնք կարող էին տարբեր լինել, կամ ե՞րբ չի քննադատել ու անգամ իշխանութիւնների առջեւ պահանջներ չի ներկայացրել, երբ երկրում ոչ արդիւնաւէտ, արտառոց, հակահասարակական ու հակաօրինական գործընթացներ ու դէպքեր են տեղի ունեցել:

Իսկ ընդհանրապէս համախոհութիւնը չի նշանակում միագոյնութիւն, կամ միաձայնութիւն, ինչը, ի դէպ, հետեւում է Դաշնակցութեանը տարբերուող խօսքի վրայ «բռնեցնողների» աղմուկից, որն անկասկած արւում է ժողովրդավարութեան անունից` իրականում աղճատելով ժողովրդավարութեան եւ բազմակարծութեան ըմբռնումն ու տառը:

Վերջում յայտնեմ ափսոսանքս նրա համար, որ մեր «դեղնամորթները» դարձեալ ոչնչի չեն հասնելու, եւ` աւելի շատ նրա համար, որ «մեր» դեղնամորթները», ծանօթ ուրիշ «դեղնամորթների» համեմատ, այսքան «կարճահասակ» էլ մնացին:

 

 

 

Թրքալեզու Գործակալութիւնը Զրուցած Է Աֆրինի Մէջ Ապրող Վերջին Հայուն Հետ

$
0
0

Թրքալեզու Mezopotamyaajansi.com քրտական լրատուական գործակալութիւնը անդրադարձած է Աֆրինի մէջ մնացած վերջին հայուն` Յարութ Գէորգի պատմութեան, որ նաև Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայերու հետնորդներէն է: Այդ մասին կը հաղորդէ «Ակունք»-ը:

Աղբիւրին համաձայն, արդէն 19 օր է, որ կը շարունակուի Աֆրինի գործողութիւնը: Այստեղ մնացած միակ հայը` Յարութ Գէորգը, այս գործողութեան պատճառով վերստին կը յիշէ Մեծ եղեռնը: 61 տարեկան Յարութ Գէորգին ընտանիքը Ցեղասպանութենէն ետք տեղափոխուած է նախ Ազեզ, ապա` Հալէպ: 50 տարի առաջ Աֆրին փոխադրուած Գէորգը մասնագիտութեամբ դարբին է: Ան 4 զաւակ ունի:

Յարութ Գէորգը գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին մասնաւորապէս ըսած է. «Ես Այնթապի հայերէն եմ: 1915 թուականին այնտեղէն աքսորուած ենք: Ցեղասպանութեան ժամանակ եկանք Հալէպ, աւելի ուշ տեղափոխուեցանք Աֆրին: Ինծի հետ բազմաթիւ հայ ընտանիքներ կային: Անոնց մեծ մասը զոհուեցաւ, մէկ մասն ալ պատերազմի պատճառով արտագաղթեց: Աֆրինի մէջ միայն ես մնացած եմ: Այստեղ բնակող միւս բոլոր ժողովուրդներու հետ միասին տէր կը կանգնինք մեր քաղաքին: Թուրքիան 100 տարիէ կը շարունակէ իր յարձակումները: Ինչպէս որ այն ժամանակ  կիներն ու երեխաները կը սպաննէր, հիմա ալ է նոյն բանը կ՛ընէ: Ցեղասպանութիւնը դար մը յետոյ վերստին գտաւ մեզ»:

Գէորգը Թուրքիայէն պահանջելով վերջ տալ այդ յարձակումներուն` նաեւ ընդգծած է, որ Աֆրինը միակ քաղաքն էր, որ պատերազմ չէր տեսած, եւ աւելցուցած է. «Այլեւս բա՛ւ է: Արիւն մի՛ հեղէք: Մարդոց վրայ մի՛ յարձակիք: Աֆրինը Սուրիոյ մէջ պատերազմ չտեսած միակ վայրն էր: Ինչո՞ւ կը ձգտիք աւերել մարդոց ապաստարանը դարձած այս քաղաքը»:

Հարցազրոյցի աւարտին Գէորգը նաեւ քանի մը խօսք ըսած է իր մայրենիով` հայերէնով, ապա` նշած. «Մենք մեր հայրենի տունէն-տեղէն աքսորուեցանք, եկանք այստեղ: Հիմա կը ջանան մեզ այստեղէն ալ հանել: Մենք կը պահանջենք, որ այս պատերազմն ու յարձակումները դադրին: Թող բոլորը անսան մեր ձայնին: Մեր կոչը ուղղուած է աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն»:

Սլաք. Ըսե՞մ Թէ՞ Չ՛ըսեմ

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցեալները, բարեսիրական միութիւններու հանդիպումի մը ընթացքին զգացի, որ կան որոշ մտահոգութիւններ, որոնք բոլորս կը տագնապեցնեն , որոնց ուղղութեամբ սակայն լուծումներ չենք գտներ:

Մեր աւանդական բարեսիրական միութիւնները իրենց ընկերային ծառայութեան գրասենեակներով տասնեակ տարիներ նեցուկ կանգնած են եւ կը կանգնին հայ ծերունիին, անկարին, հիւանդին աշակերտին եւ ուսանողին:

Լիբանանեան մեր կեանքին մէջ միշտ ալ ընտրութիւններու նախօրեակին «նոր» բարերարներ կամ «բարեգործ»-ներ կը ծագին:

Որքան ալ այդ բարերարներուն միտքը բարի ըլլայ, տեղ մը անոնց այս ժամանակամիջոցին նուիրատուութիւն ընելու փափաքը կասկած կ՛արթնցնէ:

Մեր ժողովուրդը կարիքներ ունի, հոսանքին հետ կը տարուի եւ տեղ մը, ուր որ շահ կայ, հոն կ՛երթայ: Բնական է այս տնտեսական ծանր տագնապին դիմաց: Բնական է նաեւ, որ դժուար օրերուն նոյնիսկ թշնամիին դուռը կը զարնես, որ գլուխդ ազատես կամ կեանքդ շարունակես:

Մեր գաղութը լիբանանականալու մեծ վազքի մէջ է: Արտաքին եւ ներքին երեւոյթներով, ամէն բան լիբանանեան բարքերով շարժելու, օգտուելու, տեղ մը հասնելու, օտարանալու եւ յանկարծ ինքզինքնին հայ զգալու մնայուն երեւոյթներու կը հանդիպինք:

Ժամանակին ոեւէ բարերար, երբ մտածեր իր ազգի զաւակներուն օգնել, իր աւանդական կառոյցներուն կը վստահէր:

Այսօր բոլորովին ուրիշ է պատկերը: Օրինակ մը: Խումբ մը մեծահարուստ տիկիններ դրամ կը հաւաքեն, եւ յանկարծ անոնցմէ մէկը կ՛առաջարկէ, որ ծերունիի մը լուացքի մեքենայ մը գնեն: Կը գնեն: Սակայն աւելի վատը հոն է, որ կը նկարուին եւ ընկերային ցանցերու վրայ մեծ նուաճումի պէս իրենց օգնութիւնը «կը ցուցադրեն»: Օգնութիւ՞ն է, թէ՞ ցուցամոլութիւն, չենք հասկնար: Կրնամ ձեզի տասնեակ օրինակներ տալ այս եւ նման պարագաներու. ծերերու ճաշ բաժնել, աշակերտին կրթաթոշակ տալ, հագուստ բաժնել, ուտեստեղէն բաժնել եւ այլն:

Չեմ ուզեր սխալ հասկցուիլ: Արգիլուած չէ նուիրատուութիւն ընել: Սակայն պէտք է համադրուած ըլլան նուիրատուութիւնները: Անձեր կան, որոնք Նոր տարուան սեմին հինգ սնտուկ ուտեստեղէն ստացած են, նոյնիսկ վերջին սնտուկը յարմար գինով ծախած են:

Համադրումի աշխատանք պէտք է: Միութիւններուն եւ աւանդական կառոյցներու քով արդէն ընտանեկան տախտակներ կան: Օգնութիւ՞ն պիտի ընէք, ըրէ՛ք, սակայն ուղղութիւն առէք, որ ճիշդ նպատակին ծառայէ: Օգնութիւ՞ն պիտի ընէք, լո՛ւր տուէք, եթէ նպատակը բարի է:

Աղքատի հոգեբանութիւնը սկսած է զարգանալ, եւ ամէն բան ձրի ունենալու «ախորժակ» մը կայ մեր ժողովուրդին մէջ:

Բոլորս ալ բարի նպատակով կ՛աշխատինք, սակայն երբ աշխատանքը համադրենք, աւելի լաւ արդիւնքներու կը հասնինք:

Մեր կառոյցներուն դռները բաց են: Մենք այսօր չէ, որ կ՛օգնենք: Տասնեակ տարիներ մեր ժողովուրդին կողքին եղած ենք եւ պիտի մնանք տակաւին:

Մեր կառոյցները նոր, երիտասարդ ուժերով հարստացած են: Աւելի հեշտ է` աշխատանքները համադրուած տանինք, քան թէ իւրաքանչիւրը իր «խանութ»-ը բանայ:

Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու նախօրեակին անհատական թէ այլ օգնութիւններու թափ մը պիտի զարգանայ գալիք օրերուն: Ճիշդ է` օգտուողը ժողովուրդը պիտի ըլլայ. սակայն աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ, եթէ բոլոր կարօտեալները օգտուին: Այս մարզն ալ պէտք չէ՛ քաղաքականացուի: Մե՛ղք ունի:

 

Դիմաւորել 100-ամեակը-6. Անկախ Հանրապետութեան Տէր Ըլլալու Ընթացքին Եւ Անկէ Ետք

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ետքը` այսօր եւ վաղը:

Ներկան հասկնալու համար` դար մը ետ երթալ, ո՛չ միայն հպարտութեան համար, այլ ապագան պատկերացնելու, ընելիքի եւ չընելիքի մասին մտածելու:

Ազգի լինելութիւնը, ժողովուրդ եւ հայրենիք, բարդ եւ ամբողջական խնդիր է, որուն մէկ կամ միւս կէտը շեշտելով, շարունակութիւն չ՛ապահովուիր:

Հայրենիքի տարածք, հոն բնակող մարդիկ, կենսական տնտեսութիւն, պէտք է պաշտպանել: Այդ պաշտպանութիւնը հեռու աշխարհներու մէջ ճօճուած նիզակով չ՛ըլլար: Այդ կ՛ըլլայ հայրենատէր ժողովուրդով, որ կը մնայ հողին վրայ, կը վերադառնայ հողին վրայ մնալու համար, ինչպէս սովորութիւն է ըսել` որպէս տէր եւ ծառայ:

Անկախութիւնը սոսկ յայտարարութիւն չէ, թուղթի վրայ, ձայնասփիւռէն կամ հեռատեսիլէն, հայրենաբաղձի յիշատակներ շոյելու համար: Ան ամէն օր կը կենսագործուի, կը պաշտպանուի, ապա թէ ոչ փուլ կու գայ: Մեր ժողովուրդին պարագային, անկախութիւն, հայրենիքի եւ ինքնութեան պաշտպանութիւն ամէնօրեայ պայքար են:

Այդ կենսագործելու իրաւունքը եւ պարտականութիւնը ազգի անդամի անձնագիրն է: Հայու` եւ ոչ միայն հայասէրի:

Մեր ժողովուրդի պատմութեան բոլոր զարտուղութիւնները գումարուած են ծնունդ տալով ազգի մը համար ստեղծուած եւ շարունակուող անբնական կացութեան, երբ իրենք զիրենք նոյն ազգի մաս համարողներու մեծամասնութիւնը իր հայրենիքէն դուրս կ՛ապրի: Այդ մեծամասնութեան համար հայրենիքը յիշատակներու կրողն է, նկարներու ալպոմի պէս բան մը, բայց ոչ կեանքի զարգացման շրջանակ:

Սփիւռք(ներ)ը հայրենիքի նկատմամբ ինքնիրեն շնորհած է սիրելու եւ յուզուելու գրեթէ թատերական դեր: Ամէն անգամ որ հայրենիքի պաշտպանութեան գիծին վրայ գարուն կեանքով երիտասարդ մը կը զոհուի, կը հիանանք, կը ցաւինք, կ՛աղմկենք: Եթէ իսկապէս հայրենատէր ըլլայինք, պիտի չբաւարարուէինք օժանդակութեամբ, բարձրախօսներու աղմուկով, այլ պիտի պահանջէինք, որ սփիւռք(ներ)ը, ապարանցիին, ղափանցցին, շուշեցիին պէս, գտնուէր սահմանին վրայ, ապրելու եւ զոհուելու իրաւունքով: Այդ յանձնառութեամբ զոհուած հատուկենտ օրինակելի դէմքերը, յետ մահու, կը վերածենք կուռքի, բայց այդ օրինակելիութիւնը կը մնայ չնչին, բայց այդ օրինակելիութիւնը կ՛ունենայ չնչին համրանքով հետեւորդներ:

Անկախութեան իրաւունքը եւ տեւականացումը կը պահանջեն նաեւ սահմաններու եւ ժողովուրդի պաշտպանութիւն: Արդէն երեսուն տարի անցաւ վերանկախացումէն ի վեր, բայց հայրենատիրութեան համար անհրաժեշտ ազգային գիտակցութիւնը ոչ մէկ ձեւով գործնական նախաձեռնութեան չառաջնորդեց, որպէսզի ազգի աւելի քան կէսը տէր ըլլալու համար ինք ալ կանգնի սահմանին վրայ: Ամառնային երիտասարդ զբօսաշրջիկներուն, որոնք լաւ ժամանակ անցուցած ըլլալու գոհունութեամբ կը վերադառնան, ինչո՞ւ չըսուեցաւ, որ իրենք ալ իրաւունք եւ պարտականութիւն ունին սահմանին վրայ գտնուելու: Հարցը այս ձեւով երբեք օրակարգ չեղաւ: Դուք հոն, մենք հոսի յոգնութիւն եւ զոհողութիւն չպահանջող վերաբերում:

Հայրենասիրութիւնը եւ հայրենատիրութիւնը նուիրումով եւ զոհողութեամբ կ՛իմաստաւորուին: Կը թելադրեն կեցուածք: Արժէքային համակարգ են, որուն մէջ կը ձուլուին տարբերութիւնները, հայրենաբնակի եւ ոչ հայրենաբնակի, իշխանաւորի եւ շարքայինի:

Օր մը բարեկամ մը կը բացատրէր, թէ ինչո՞ւ մարդ կը սիրէ իր զաւակը: Արդարեւ, կենդանական աշխարհին մէջ առիւծ, վագր, կատու, թէ արծիւ, ձագի հանդէպ սէրը բնազդական է եւ ժամանակաւոր: Ձագերը, երբ ինքնաբաւ ըլլան կ՛երթան, ծնողները այլեւս պատասխանատուութիւն չեն ունենար: Մարդն է միայն, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կը պահէ այդ սէրը, կը շրջանցէ բնազդը: Մարդու սէրը զաւակին հանդէպ ոչինչ ունի բնազդական, այլ զաւակին համար եղած զոհողութիւնները, զգացուած ցաւերը եւ տագնապները, որպէս յիշողութիւն, գումարուելով կ՛ըլլան զաւակի սէր, որ բնազդ չէ, այլ է, որուն չենք հանդիպիր մոլորակի մարդէն տարբեր բնակիչներուն մօտ:

Հայրենասիրութիւն եւ հայրենատիրութիւն բնազդ չեն, կը մշակուին  մեր տուածով: Այդ տալիքէն կը խուսափին արտագաղթողները եւ սփիւռքի զբօսաշրջիկները: Ամէն բանի համար քարոզչութիւն ընողները, լոպպիյինկ ընողները, ինչո՞ւ ներազգային լոպպիյնկ չեն ըներ իրաւ հայրենասիրութեան եւ հայրենատիրութեան համար: Փոխանակ պահանջելու, որ հայրենադարձ երիտասարդները զերծ կացուցուին բանակին ծառայելու պարտաւորութենէ, միթէ ազգը ներքնապէս եւ բարոյապէս նոր ուժականութիւն եւ որակ չի՞ նուաճեր, եթէ ազգի բոլոր զաւակները, անոնք գտնուին Պուէնոս Այրէս, Պեվըրլի Հիլզ, Թորոնթօ, Փարիզ, Լիբանան թէ այլուր, պատրաստակամութիւն ցուցաբերեն Հայաստանի սահմաններուն վրայ հայ զինուորներուն հետ կողք-կողքի ըլլալու:

Ղեկավարութիւնները ինչո՞ւ չփորձեցին, չեն փորձեր ազգի ներքնապէս միացման այս նախաձեռնութիւնը ունենալ, սրսկելով այն ըմբռնումը, որ հայրենիքի սէրը տօնական օրերու համար չէ, այլ կ՛ըլլայ մեր տուածով: Այս մասնակցութիւնը հայրենիքի պաշտպանութեան գործին, սփիւռք(ներ)ի ամէն օր քիչ մը աւելի գունատուող նկարագրին կու տայ ազգային իրաւ, ոչ-աղմկարարական նոր որակ, մասնակցութեամբ կը զօրանայ տէր ըլլալու գիտակցութիւնը, որ երաշխիք է տոկալու եւ տեւելու կամքի:

Անդրանիկ Հանրապետութեան հարիւրամեակին առիթով, երգ ու պարէ, կերուխումէ, լուսանկարներէ եւ շքանշաններէ առաջ եւ վերջ, կարելի կ՛ըլլա՞յ նման որոշումով եւ յանձնառութեամբ թափ տալ վերականգնումի առաջադրանքին, միացնելով երիտասարդութիւնը, միաժամանակ ստեղծելով Պիզէի Առլզիէնին նմանող սպասուած եւ չհասնող ազգի ցանկալի մէկութիւնը, որ գայ, երազ չըլլայ:

Որպէսզի ցանկալի մէկութիւնը կեանք դառնայ, երբեմն պէտք է լսել ազգի հոգին եւ հանճարը արտայայտած մեծերը: Ամէն հայու պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ հայրենիքի պաշտպանութիւնը: Որպէսզի, ինչպէս կ՛ըսէ Յովհաննէս Թումանեան. «Ամէն մի հայ պէտք է զգայ, որ ինքն Ազատ Հայաստանի քաղաքացի է եւ գալիս է գործակցելու իր կառավարութեանը:… Հայաստանի ազատ հողի վրայ նա շինելու է իր ազատ եւ առատ տունը, հայկական բարձրաւանդակի վրայ զարգացնելու է իր ազգային հանճարը եւ իր խօսքն ասելու է աշխարհքին:…Նա կարող է, եւ իր կարողութիւնով նա իրաւունք ունի»: (1920, Հայաստանի օգնութեան կոմիտէի առիթով):

Պէտք է, որ յիշեն Յովհաննէս Թումանեանի պատգամը, վերադարձողը եւ ընդունողը, այսօր եւ վաղը:

7 յունուար 2018,  Նուազի-լը-Կրան      

 

Ապստամբութիւնը` Ծնունդ Բռնակալութեան

$
0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Վերջերս տեսայ «Հայ բանաստեղծութեան ծաղկաքաղը» անունով գիրք մը, որ լոյս տեսած է 1940-ին Մոսկուայի մէջ եւ անշուշտ «աւուր պատշաճի» խորհրդային խստագոյն գրաքննութենէ անցած է: Գիրքին պարունակութիւնը ռուսերէնի թարգմանուած հայ գրականութեան փունջ մըն է, սակայն, հետաքրքրութենէ մղուած, ուզեցի բանալ եւ տեսնել, թէ ի՛նչ կայ մէջը: Այդ գիրքը հազիւ բացած, Ներածական բաժինին մէջ արդէն երկրորդ էջին վրայ հետեւեալ պարբերութեան հանդիպեցայ. «19-րդ դարուն Հայաստանը միացաւ Ռուսական կայսրութեան: Ասիկա «նուազագոյն չարիքը» եղաւ: Միայն 1920-րդ թուականին բազմաչարչար եւ տանջուած Հայաստանը, որ դաշնակիցներու եւ Դաշնակներու քմահաճոյքով սովի, աղքատութեան եւ գաղթականութեան յանձնուեցաւ, բոլորին կողմէ խաբուած Հայաստանը իր փրկութիւնը ստացաւ, երբ ինքզինք խորհրդային հանրապետութիւն հռչակեց: Խորհրդային իշխանութեան գաղափարն է միայն, որ Հայաստանին խաղաղութիւն եւ ազգային վերանորոգման հնարաւորութիւն բերաւ»: Մեծ ընդվզումին եւ ջղայնութեան մղող ստախօսութիւնը, զոր տասնամեակներով ուզեցին կլլել տալ հայ սերունդներուն, եւ պէտք է ըսել, որ յաջողեցան որոշ չափով, գէթ Խորհրդային Միութեան տարածքին վրայ: Քիչ անդին, նոյն այդ գիրքին մէջ տեսայ Լենինին եւ Ստալինին ուղղուած գովաբանական տողեր, որոնք հայանուն հեղինակներու կողմէ թուղթին տրուած շողոքորթութիւններ են: Օհաննէս Ալեքեան կոչուածը կը գրէ. «Դաշնակին պոլշեւիկը վտարեց, հայուն թուրքին եղբայր դարձրեց»: Մեր Սուրբ Արարատը ծախած Լենին կոչուած հրէշը փառաբանող եւ Դաշնակցութիւնը անարգող դաւաճանը դեռ յանդգնութիւն ունէր ինքզինք հայ կոչելու: Վստահ եմ, որ այդ գիրքին մէջ տեղ գտած ամօթալի բանաստեղծութիւնները եւ անոնց կապուած խեղաթիւրուած պատմութիւնները մաս կը կազմէին Խորհրդային Հայաստանի ուսումնական ծրագիրին, եւ այդպիսով կը դաստիակարուէին ու կը կազմաւորուէին իրերայաջորդ սերունդները` «խորհրդային ժանտախտը» իրենց միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ կրելով:

Ինչո՞ւ այսօր վճռած եմ խիստ կերպով խօսիլ այդ մասին: Այս տարի հայութիւնը Փետրուարեան ապստամբութեան հերթական տարեդարձը կը նշէ: Ըստ սովորութեան, հայութիւնը երկուքի պիտի բաժնուի: Մէկ մասը դարձեալ ազատատենչ հայորդիներու այս սխրանքը փառաբանելու եւ անով հպարտանալու հերթական առիթ պիտի ունենայ, միւս մասը յաւելեալ անգամ առիթ պիտի չփախցնէ Դաշնակցութիւնը իր գիտցած ձեւով քննադատելու եւ անարդար կերպով մեղադրելու, առանց այս ապստամբութեան իսկական արժէքը եւ խորհուրդը գիտնալու անգամ:

Սակայն ես կ՛ուզեմ կարմիր եւ խորհրդային կարգերը բոլոր պաշտողներուն հարց մը տալ. «Եթէ անկախ Հայաստանի իշխանութիւնը, յանձինս Դաշնակցութեան այդքան վատ եղաւ, ինչո՞ւ ապստամբութիւնը անոր դէմ չեղաւ, այլ ընդդէմ խորհրդային իշխանութեան»: Պատասխանը պարզ է ու մեկին, որովհետեւ հայութեան հետ բանակցութիւններուն մէջ մտած խորհրդային շրջանակները Հայաստանին ներքին անկախութիւնը, ընկերային-տնտեսական արդարութիւնը, հայ զինուորականներուն ապահովութիւնը եւ դաշնակցականները չհալածելու երաշխաւորութիւնը  խոստանալով, ճիշդ հակառակը ըրին: Եւ ի՞նչ է արդիւնքը: Երկու ամիսէ աւելի հայ ժողովուրդը ամէն անիրաւութեանց, անարդարութեանց եւ բռնաբարութեանց ենթարկուելով, Արագածի փէշերուն բնակութիւն հաստատած խրոխտ սասունցիին համբերութեան բաժակը յորդեցաւ, երբ Գէորգ Չաւուշի եւ Հրայր Դժոխքի մերձաւորութիւնը ապրած եւ անոնց շունչով զինուած տարօնցիները ծառացան եւ ազդանշանը տուին համաժողովրդային ապստամբութեան: Շեշտը կը դնեմ Համաժողովրդային բառին վրայ: Ծառացումը ժողովրդային էր, ոչ կուսակցական, Դաշնակցութիւնը ղեկավարի դերը ստանձնեց, ո՛չ հրահանգող էր, ո՛չ ալ թելադրող կամ կազմակերպող: Եւ աւելի՛ն, ըմբոստութիւնը վայրկենապէս յառաջացած զգացումներու ազդեցութեան տակ չկատարուեցաւ, այլ մայիս 28-ով կերտուած անկախութիւնը եւ անոր արժէքները պաշտպանելու յանդուգն քայլ էր, զայն այս պարունակին մէջ պէտք է դիտել: Բոլորին յստակ թող ըլլայ, որ Փետրուարեան ապստամբութիւնը հայ ազգային-ազատագրական պայքարի ամուր շղթային մէկ անքակտելի օղակն է, քանի որ դարձեալ հայը, ըլլայ գիւղացի բանուոր, ըլլայ ուսուցիչ կամ հոգեւորական, կը մերժէր բռնակալութիւնը եւ անարդարութիւնը, իր` ազգային արժանապատուութիւնը եւ ինքնութիւնը պաշտպանելու նախանձախնդրութենէն մղուած, կ՛ապստամբէր եւ պատմութեան մէջ առաջին յաջող ըմբոստութիւնը կ՛արձանագրէր խորհրդային իշխանութեան դէմ` ցոյց տալով աշխարհին, թէ «ան, որ կ՛ըսէ վախկոտ հայը անոր պիտի տանք բերնին համը»: Կը մնայ, որ իւրաքանչիւր Փետրուարեան ապստամբութեան տարեդարձ առիթ ըլլայ խորհրդային սուտերով մեծցած եւ յագեցած հայորդիներուն համար, որ խաբէութեան ծուղակէն դուրս գան եւ այս պատմական դէպքը իր ամբողջ մեծութեամբ եւ նշանակութեամբ ընդունին` իբրեւ թանկագին աւանդ, որպէսզի այլեւս հայ ազգին մէջ Լենինով եւ Ստալինով հիացողները չքանան եւ անոնց տեղը Վրացեաններով եւ Աղբալեաններով հպարտացողները գրաւեն:

Փետրուարեան իրադարձութիւններուն իմաստը սակայն այն է, որ բռնակալութենէն միայն ապստամբութիւնը կրնայ ծնիլ:

 

 

Վասն Սկզբունքներու Ապստամբութիւն

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Այս տարի Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան 97-ամեակը կը զուգադիպի նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակին: Երկու պատմական դէպքեր, որոնք նոր շունչ եւ ոգի տուին մեր ազգին` լուսաւոր եւ հերոսական էջեր բանալով անոր պատմութեան մէջ:

Անշուշտ ընթերցողը պիտի հարցնէ, թէ ինչո՞ւ Փետրուարեան ապստամբութիւնը կապեցինք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակին հետ: Պատասխանը յստակ է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ստեղծման առաջին իսկ օրէն ժողովրդավարական կարգերով օժտուած պետութիւն մըն էր: Նոյնքան ընդդիմութեան ազատութիւն տրուած էր, որքան կառավարութիւնը կրնար ինքզինք պաշտպանել: Աւելի՛ն. Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ հալածուած պոլշեւիկները (թունդ հակապետական կուսակցութիւն) ապաստան գտած էին Հայաստանի մէջ, եւ կառավարութիւնը անոնց գործելու իրաւունք տուած էր այնպէս,  ինչպէս` միւս ընդդիմադիր տարրերուն: Օրէնքը ո՛չ միայն հաւասարութիւն ապահոված էր բոլոր ազգերուն եւ կրօններուն միջեւ, այլ նաեւ Ա. հանրապետութեան բոլոր կառավարութիւնները հաւասար կարելիութիւններ ընձեռած էին քաղաքացիներուն` առանց որեւէ խտրութեան:

Հայ պոլշեւիկները, շինծու լուրեր տարածելով, օգտագործելով ռուսական յեղափոխութեան «Հաց, ազատութիւն եւ խաղաղութիւն»կարգախօսը եւ օգնութիւն ստանալով Թուրքիոյ մէջ ծաւալած քեմալական շարժումէն, տիրացան իշխանութեան: Իշխանութիւնը ստանալէ ետք ո՞ւր մնացին «Հաց, ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» կարգախօսին արժէքները: Ո՛չ միայն հացը, ազատութիւնը եւ խաղաղութիւնը, այլ նաեւ հանրապետութեան ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան արժէքներն ալ ոտնակոխուեցան, եւ անոնց փոխարէն` ծնունդ առաւ  միակուսակցական համակարգը, որ վերջ դրաւ ազատութիւններու դրախտին:

Ազատութիւններու խախտումներու պայմաններուն մէջ ժողովուրդը ընդվզեցաւ պոլշեւիկեան քաղաքականութիւններէն: Այսպիսով, ժողովուրդի կամքէն ու առօրեայ կեանքի դէմ բողոքէն ծնունդ առաւ Փետրուարեան ապստամբութիւնը: Անիկա եղաւ հանրապետութեան ազատութեան ու ժողովրդավարութեան սկզբունքները վերականգնող ուժը: Անիկա եղաւ Խորհրդային Միութեան մէջ առաջին համաժողովրդային շարժումը, որուն արձագանգները տարածուեցան միութեան բոլոր անկիւնները եւ գաղափարական ջուր տուին ազատութեան ծարաւներուն: Խօսքի, կրօնի, հաւաքի եւ քաղաքական բիւրեղացման դրօշը բարձր պահող պատմական դէպքն էր անիկա, որ մեր հայրենիքի դաշտերուն իբրեւ մատաղ արիւն թափեց ժողովրդավարութեան խորանին առջեւ:

Այսօր Փետրուարեան ապստամբութեան յիշատակի յարգանքը մեր ազգային պետականութեան համար ունի երկու կարեւոր աժէքներ, որոնք հետեւեալներն են.

Ա.- Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակի ձեռնարկներ մէկը պէտք է նկատուի Փետրուարեան ապստամբութեան յիշատակի ոգեկոչումը, որովհետեւ անիկա տեղի ունեցաւ, որպէսզի վերականգնէ Ա. հանրապետութեան կարգերը, որոնք հիմնուած էին ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն վրայ.

Բ.- Ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իբրեւ Ա. հանրապետութեան ժառանգորդ, պէտք է նաեւ ամրապնդէ Փետրուարեան ապստամբութեան ժողովրդավարական արժէքները` ծաւալուն պայքար մղելով ընդդէմ շուկաներու մենաշնորհներուն եւ փտածութեան:

 

 


Բռնատիրութեան Դէմ Պատնէշ Մը Եղաւ Փետրուարեան Ապստամբութիւնը (18 Փետրուար)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Երբ դանակը հասաւ ոսկորին, հայ ժողովուրդի խոհեմութիւնը տեղի տուաւ ազատագրական պոռթկումին: Ու տեղի ունեցաւ Փետրուարեան ապստամբութիւնը:

ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ

Զարմանալի երեւոյթներէն մէկն ալ այն է, հայ իրականութեան մէջ, որ երբ անհատ մը, արուեստագէտ, պատմաբան թէ մտաւորական, ունենալով սեփական տեսակէտ կամ համոզում` պատմական որեւէ դիպաշարի մասին, կառչած կը մնայ անոր ցմահ, հակառակ ժամանակի թաւալքին, ստեղծուած նոր կացութիւններու թէ ընդհանրապէս ինքնաբիւրեղացման գործընթացներու:

Նշումին ամէնէն դիպուկ օրինակը Փետրուարեան ապստամութիւնն է, որ տեղի ունեցաւ 97 տարիներ առաջ:

Այլ խօսքով, տակաւին գոյութիւն ունին մարդիկ, որոնք մե՛րթ գրաւոր, մե՛րթ բանաւոր եւ տարբեր առիթներ օգտագործելով կը փոխանցեն, այսպէս ասած, իրենց կարծրատիպ համոզումն ու տեսակէտը, այս պարագային, 18 փետրուարի մասին: Անոնք, ցաւ ի սիրտ, կ՛ուզեն «ամրացած» մնալ իրենց կուսակցականի պատեանին մէջ եւ անընդմիջաբար յիշեցնել, որ Փետրուարեան ապստամբութիւնը արատ մըն է հայ կեանքի մէջ, հայոց պատմութեան էջերուն:

Մեր կարգին, յարգելով հանդերձ ոեւէ անհատի ազատ մտածելու եւ խօսելու իրաւունքը, պարտաւոր կը զգանք լոյսին բերել ճշմարտութիւններ, կրկին գրել ու արտայայտուիլ հայութեան ամենասուրբ էջերուն մասին, միշտ ի մտի ունենալով, որ նորահաս սերունդի զաւակները, հարկ է, որ ճանչնան սեփական պատմութեան մէն մի դրուագ, լաւապէս ըմբռնեն իւրաքանչիւրին կարեւորութիւնը եւ ըստ այդմ ապրին իրենց ներկան ու գործեն ապագայի համար:

Իրօք, հայոց պատմութեան էջերուն ոսկեայ տառերով գրուած են մայիսեան փառայեղ հերոսամարտերու պատմակշիռ դրուագները, հրաշագործ տղաներու սրբազան արարքներն ու զոհողութիւնները, որոնց դիմաց ազգ մը ամբողջ կը խոնարհի ամէն 28 մայիսին:

Թէեւ կարճատեւ, բայց պատուաբեր հայրենիքի անկախութիւնը եւ զազիր թուրքին դէմ տարուած յաղթանակը բաւարար ազդակներ եղան վերանուաճելու ազատ եւ արժանապատիւ կեանք մը ունենալու գիտակցութիւնը:

Սակայն, քիչ անդին, հայ պետականութեան անկումով (2 դեկտեմբեր), երբ կը ստեղծուէր ահաւոր վիճակ, մէկ կողմէ թրքութեան բնաջինջ վտանգին ի տես, եւ միւս կողմէ` բոլշեւկեան հորդաներու ներխուժումով, ահա, միջանկեալ այս ժամանակին կը պայթէր ապստամբութիւն մը, որ ուղղուած էր թալանիչ, զազիր, մարդասպան, արեան հեղումի ծարաւ պոլշեւիկութեան դէմ:

Խորքին մէջ ազգային ըմբոստացում մըն էր, որ յեղակարծ դուրս ժայթքեց հայրենիքի ընդերքէն, երբ «ալ դանակը հասած էր ոսկորին»: Փաստօրէն, հայոց երկնակամարին տակ ապրող հայը իր բոլոր շերտերով, միութենական խմբաւորումով, կուսակցական թէ գաղափարական պատկանելիութեամբ, հարուստով եւ աղքատով պոռթկաց եւ ուզեց վերջ դնել զինք ստորնացնող բռնատիրութեան, որ առանց խղճի ու հաշուետուութեան մարախի նման կը լափէր հայ գիւղացիին պատառ մը հացը, դէպի սպանդանոց կ՛ուղարկէր հայ ֆետայիներու, քաղաքական գործիչներու եւ սպաներու ընտրանի մը, կացինահարումը, հաւաքական խոշտանգումն ու աւերումը դարձած էին սովորական երեւոյթներ, եւ կը կատարուէին յանուն կարմիր դրօշի ծածանումին, թուրք-պոլշեւիկ «եղբայրութեան» մերձեցման եւ հաստատման:

Եւ այս ազգանուէր ու միակամ ըմբոստութիւնը անուանել քաղաքացիական կռիւներ, անյոյս մաքառումներ, եղբայրասպանութիւն թէ դաւաճանութիւն, ահա մեր կեանքի ամենամեծ ողբերգութիւնը, երբ պէս-պէս գաղափարական համոզումներու պատճառով ցարդ կը գտնուին հայ անհատներ, որ սեփական պատմութիւնն անգամ կը փորձեն խեղաթիւրել, նենգափոխել ու վատոգի միտումներու ծառայեցնել:

Աւելի՛ն. պոլշեւիկ հորդաները թաքուն չէին պահած նաեւ իրենց ատելավառ հակադաշնակցական մոլուցքն ու պայքարը: Անոնք Երեւանի բանտին մէջ սպանդի ենթարկեցին ազգին նուիրեալ եւ թուրքին դէմ զէնք բարձրացուած դաշնակցական գործիչներ, պարզապէս յագուրդ տալով իրենց բնազդին:

Եւ այս բոլորը կը կատարուէր Հայաստանի Հանրապետութեան անկումին (2 դեկտեմբեր 1920) յաջորդող ամիսներուն, հակառակ համայնավար Լըքրաններու «հաւաստիացում»-ին, թէ տեղի պիտի ունենար իշխանութեան խաղաղ փոխանցում:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ Դրոյի հետ համաձայնութիւնը կ՛ընդգրկէր ազատ ու անկաշկանդ պահել հայրենի ժողովուրդը եւ առանց արիւնահեղութեան պետական կարգն ու սարքը յանձնել պոլշեւիկ Կասեաններու եւ Նուրիջանեաններու: Սակայն կը պատահէր աննախատեսելին, երբ Յեղկոմի Հայաստան մուտքով արդէն սկիզբ կ՛առնէին բարբարոսութիւններու կարմիր տարբերակը, եւ որոնց զոհ կը դառնային հայ ժողովուրդի ընտիր զաւակները:

18 փետրուար 1921:

Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի ստեղծումով արդէն զարկ կը տրուէր համաժողովրդային ըմբոստացումի շարժումին: Փորձառու հայդուկ եւ հայրենասէր զինուորական Կուռօ Թարխանեան կը ստանձնէր ապստամբ ուժերու ղեկը եւ կը լծուէր համայնավար հորդաներու դէմ անհաւասար մաքառումին: Հայկական ուժերը կը յաջողին հասնիլ Երեւանի շրջան, մուտք գործել սպանդանոց-բանտերը, ազատել արգելափակեալ ազգայինները եւ հալածել պոլշեւիկ խուժանը:

Հայը կրկին կը ծածանէր եռագոյնը, ազատ ապրելու խորհրդանիշը:

Հայութիւնը 42 օրերու ընթացքին վերանուաճեց իր ազատասէրի ոգին եւ բռնատիրութեան դէմ կանգնելու կամքը եւ ցոյց տուաւ գերազանց քաջութիւն, որով սերունդներ պիտի հպարտանան դարեր շարունակ:

Արդեօք միաւորուած ու ազատատենչ հայութեան կամքը չէ՞ր, որ ազատագրեց Արցախը եւ անոր խրոխտ լեռներու գագաթին խարսխեց եռագոյն դրօշակը: Դրօշակ, որ խորքին մէջ կը մարմնաւորէ հայութեան ազատ ու ինքնիշխան ապրելու կամքը, ինքնութեան եւ պատկանելիութեան շաղախը:

Փետրուարեան ապստամբութիւնը առանձնապէս կը միաւորէ երէկն (1921) ու այսօրը (1988), որոնց հիմքը հայութեան ապստամբական ոգին է` ընդդէմ բոլոր բռնութիւններու:

16 փետրուար 2018    

Խմբագրական. Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ. Անգարան` Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Արգելակողը (Ա.)

$
0
0

Միւնիխի մէջ գումարուած Անվտանգութեան համաժողովին նախագահ Սարգսեանի ելոյթին մէջ յատուկ բաժին վերապահուած էր Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններուն եւ արձանագրութիւններուն սպասուած ճակատագիրին:

«Սառը պատերազմի տարիներին Հայաստանը երկու հակադիր բեւեռներից մէկի սահմանին էր: Պերլինի պատի անկումից շուրջ երեսուն տարի անց Թուրքիան շարունակում է փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը: Ժամանակն այստեղ կարծես կանգ է առել:

Կարող եմ վստահութեամբ ասել, որ Հայաստանն ամէն ինչ արել է այս իրավիճակը յաղթահարելու համար: Իմ նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ յարաբերութիւնները կանոնակարգելու գործընթացը կարող էր նոր հնարաւորութիւններ ստեղծել ինչպէս մեր երկու երկրների, այնպէս էլ ողջ տարածաշրջանի համար: Այնուամենայնիւ, 2009 թուականին Հայաստանի ու Թուրքիայի միջեւ կնքուած արձանագրութիւններն այդպէս էլ մնացին թղթի վրայ: Թուրքիան ո՛չ միայն չվաւերացրեց դրանք, այլեւ առաջադրեց արձանագրութիւնների հետ որեւէ կապ չունեցող նախապայմաններ: Դա ոչ այլ ինչ էր, քան պատմական հնարաւորութեան տապալում:

Արդեօ՞ք Ազրպէյճանն է խոչընդոտում Թուրքիային Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցում, ինչպէս մեզ շատերը փորձում են համոզել: Ո՛չ, հիմնական խոչընդոտը Թուրքիայի առաջնորդների քաղաքական կամքի բացակայութիւնն է: Կարծում եմ` պատկերացնում էք, որ հայկական սփիւռքի շատ ու շատ ներկայացուցիչներ այնքան էլ երջանիկ չէին մեր այդ որոշմամբ: Դա բնական էր, քանի որ նրանք ցեղասպանութիւն վերապրածների եւ հայրենազրկման ենթարկուածների ժառանգներն են: Ես շրջագայեցի ողջ աշխարհով, հանդիպեցի սփիւռքի մեր քոյրերի եւ եղբայրների հետ` համայնք առ համայնք, քննարկեցի նրանց հետ չափազանց զգայուն այս խնդիրը:

Արդեօ՞ք Թուրքիայի ղեկավարները դրսեւորեցին նման քաղաքական կամք, արդեօ՞ք նրանք որեւէ կերպ տէր կանգնեցին իրենց իսկ ստորագրած փաստաթղթերին:

Մենք չենք կարող առյաւետ սպասել Թուրքիայի պատասխան քայլերին:

Արձանագրութիւնները բանակցուել էին` ելնելով եղած պայմաններից: Եթէ Թուրքիան ցանկանում է սպասել այլ պայմանների, ապա վաւերացնել արձանագրութիւնները, նա չարաչար սխալւում է: Նոր պայմաններում պէտք է բանակցուի նոր փաստաթուղթ: Հայաստանը նախապայմանների լեզուով չի խօսում, բայց չի էլ ընդունի որեւէ մէկի կողմից նախապայմանների առաջադրումը»:

Փաստօրէն, նախագահ Սարգսեան նախաբանը կատարեց արձանագրութիւնները առ ոչինչ յայտարարելու կամ զանոնք անվաւեր յայտարարելու: Եւ այստեղ կայ, տարբեր միջավայրերու մէջ, տարբեր առիթներով այս մասին կատարուած իրերայաջորդ յայտարարութիւններուն առումով` խորհրդարանի օրակարգէն հանելէն, ընդհանրապէս խորհրդարանէն ետ կանչելէն, արձանագրութիւնները «գրողի ծոց»-ը ուղարկելէն, գարնան առ ոչինչ յայտարարելու հրապարակային յայտարարութենէն մինչեւ չեղարկելու մասին կատարուած այս նախաբանային ելոյթը:

Միւնիխի ելոյթը միջազգային հանրութեան լեզուով խօսելու քաղաքական արուեստի երանգները կը բովանդակէ իր մէջ: Բնականոն յարաբերութիւններու արգելակման, ամբողջական պատասխանատուութինը Թուրքիոյ  վերագրելու Եւրոպայի քաղաքական արժէքներն ու քաղաքական լեզուն լիովին օգտագործուած են այստեղ:

Այս բաժինին մուտքը արդէն եւրոպական քաղաքական գործընթացներուն հետ հարազատութիւն կ՛ընդգծէ, երբ Պերլինի պատի քանդումի, սահմաններու ջնջումի համաեւրոպական կամքին կը հակադրուի Անգարայի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակումը կամ սահմանի փակումը:

Աւելի՛ն. յարաբերութիւններու բնականոնացման նախաձեռնութիւնը առած է Երեւանը, որ ամէն ինչ փորձած է այդ ուղղութեամբ տեղաշարժ ապահովելու համար, սակայն Անգարան մերժած է զանոնք վաւերացնել` նախապայմաններ առաջ քշելով:

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերաբերող բաժինին մուտքը, ինչպէս կը նկատուի, յարաբերութիւններու բնականոնացման արգելակումը յաչս եւրոպական ընտանիքին Թուրքիոյ վերագրելն է` փակ սահման, շրջափակում, արձանագրութիւնները չվաւերացնել եւ նախապայմաններու լեզուով խօսիլ:

Պաշտօնական Երեւանի եւ Դաշնակցութեան մօտեցումներուն միջեւ կայ չեղարկման շարժառիթային հիմնական տարբերութիւն: Արձանագրութիւններուն մէջ Թուրքիոյ առաջ քշած նախապայմանային դրոյթներուն իրաւական տեսք տալու ականուած բաժինները նախագահին համոզումով կապ չունին արձանագրութիւններուն հետ: Բայց քաղաքական ներկայ պահը կը մղէ կեդրոնանալու իրաւականօրէն ստորագրութիւնները չեղարկելու արարքին կարեւորութեան վրայ: Բայց մանաւանդ` մշակուելիք նոր փաստաթուղթը նախապայմանային իրաւադրոյթներէ վնասազերծելու:

Հայկական ազատամարտի վերջին դրուագը եւ անկախութեան սերունդը

$
0
0

Կարօ Սասունի
«ԴՐՕՇԱԿ» – Մարտ 1926
Թիւ 3 (251)

1
Հինգ տարի անցած է այն օրէն, երբ հայ աշխատաւոր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ եւ տապալեց բօլշեւիկեան բռնակալութիւնը:

Փետրուարեան ապստամբութիւնը ոչ միայն խորտակեց օրուայ ոճրագործ իշխանութիւնը, այլ եւ հիմնապէս յեղաշրջեց Հայաստանի ընկերային-քաղաքական մտածողութիւնը:

Հինգ տարի յետոյ, կարելի է աւելի պաղարիւնութեամբ անդրադառնալ Փետր. 18-ի յեղափոխութեան եւ բնորոշել շարժումը:

Հայ ժողովուրդը փոթորիկներու մէջ կը հիմնէր իր անկախութիւնը: Դէպքերը զինք կծկեր էին Սեւանայ լճին ափը, ու երբ կը տարածւէր դէպի իր բնական սահմանները, եւ հետզհետէ ազգային պետական կազմակերպութիւն կը դառնար, Ռուսաստանը եւ Տաճկաստանը իրարու հետ դաշնակցած՝ իրենց հարուածներու տակ կ’առնէին Հայաստանը:

Հայ ժողովուրդի քաղաքական հակումները եւ կորովը փորձութեան կ’ենթարկուէին Մայիսեան խռովութեան օրերուն: Հ. Յ Դաշնակցութիւնը մինչեւ 1920 Մայիս եղած էր վերին աստիճանի բարեացակամ հանդէպ բոլոր ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ բօլշեւիկներու: Բայց, մայիսեան խռովութիւնները եւ թուրք-թաթարական շրջաններու ապստամբութիւնները ուղղուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան դէմ, ու կը հարկադրէին մեր կուսակցութիւնը դառնալ խիստ, եւ թոյլ չտալ որ ընդդիմադիր տարրերը, թուրք ապստամբ շրջաններու հետ ձեռք ձեռքի՝ տապալեն նորակազմ հանրապետութիւնը: Այս շարժման ընթացքին, արեւմտահայութիւնը կուռ շարքերով եւ յանդուգն ցասումով հրապարակ եկաւ հայրենիքի անկախութիւնը պաշտպանելու: Ապստամբութիւնը զսպուեցաւ, եւ մեր զօրքերը զորաւոր ճակատ մը կազմեցին Դիլիջան-Ղազախի շրջանի մէջ, դիմադրելով ռուս եւ ադրբէյջանեան զօրքերուն:

Ազգային պետութիւն մը կազմելու եւ անկախօրէն դէպի հայկական վերածնունդը դիմելու ձգտումը դեռ նոր կ’ամրապնդուէր, երբ Հայաստան պարտուեցաւ թրքական պատերազմին մէջ, հարաւի եւ հիւսիսի գերազանց ուժերու ճնշման տակ: Այդ խոշոր հարուածին հետեւանքով, իր ազգային քաղաքական դաւանանքն ալ – անկախ ապրելու ձգտումը – մեծապէս պարտութեան կը մատնուէր: Այս կացութիւնը կը ստիպէր մեզ կամովին հրաժարիլ իշխանութենէ 1920 Դեկտ. 2ին:

Ռուսաստանը կուգար:

Հայաստանը բոլորովին տկարացած էր: Թուրքերը կեցեր էին Ախուրեանի եւ Արաքսի ափը: Ռուսական «օրիանտասիոնը» փրկութեան նոր ճանապար մը կը համարուէր:
Միայն Դաշնակցութեան բազմաճիւղ կազմակերպութեան գլխաւոր կորիզներն էին որ ազգային-քաղաքական հիմնական ուղեգիծ մը ունէին. Իսկ մնացած մտաւորականութիւնն ու լայն զանգուածները ֆիզիքական վտանգի ծանրութեան տակ կքած, պարտրաստ էին ենթարկուելու որ եւ է ուժի, պայմանաւ որ այդ ուժը թրքական չըլլար:

Այդ ընդհանուր ժխորին մէջ, հրապրակը դրուած էր թրքական վտանգը եւ ռուսական հովանին՝ իր երեւելի եւ աներեւոյթ բարիքներով, որոնք խոստացուած էին Մոսկուայի գործակալներուն կողմէ:

Ռուսաստանը յաղթեց: Հայ ժողովուրդը, սիրտը կոտոր, լռելեայն ենթարկուեցաւ ռուսական ուժին:

Այս մոլոր մթնոլորտին մէջ էր որ հայ բօլշեւիկները եկան կառավարելու Հայաստանը, մեծապէս երախտապարտ մնալով թուրք փաշաներուն եւ մանաւանդ չավուշներուն:

Խիստ ծանր քարի մը պէս բօլշեւիկեան իշխանութիւնը նստաւ հայ ժողովուրդի կրծքին: Լուռ ու անճար ժողովուրդը մտածեց ու վերագնահատեց: Երեք ամիսներու հակամարդկային տիրապետութիւն փութացուց այդ վերագնահատման ընթացքը: Ժողովուրդը նորէն փրկութեան ճանապարհ մը որոնեց: Ու ցնցուեցաւ:

Պայթեցաւ փետրուարեան ապստամբութիւնը:
Այդ շարժումը եկաւ վերջնական կաղապարում տալու քաղաքական համոզումներուն եւ սպասելիքներուն: Փետրուարի 18ը դարձաւ սոյն քաղաքական շրջակետը, որ որոշակի ցցուեցաւ երկու իրարամերժ քաղաքական հոսանքներու միջեւ եւ եղաւ հիմնական ելակէտը Դաշնակցութեան քաղաքական գործունէութեան:

2
Փետրուար 18ը հայ ժողովուրդի աշխատաւորական յեղափոխութիւնն է:

Եւ իրօ՛ք, մէկ կողմը կանգնած էին հայ աշխատաւորական զանգուածները, երէկուայ բովէն անցած ու թրծուած, որոնք Հ. Յ. Դաշնակցութեան գիւղական կազմակերպութիւններու շուրջը կը համախմբուէին. Իսկ միւս կողը՝ Ադրբէյջանէն եւ Ռուսաստանէն եկած հայ ռուս եւ թուրք բօլշեւիկ գործակալներէն էին, որոնց կը միանային երեւանի եւ Ալէքսանդրաբօլի մէջ արգելափակւած բօլշեւիկները: Այս նոր իշխանաւորները, իրարու հակամարտ ընկերային սկզբունքներով, բայց գործակից կողոպուտի ու մարդասպանութեան, քանդումի ու մատնութեան մէջ, կուգային դուրսէն եւ դահիճի մը լրբութեամբ, մտրակի ու ատրճանակի հարուածներով կը սկսէին կառավարել երկիրը:

Քիչ մը աչք պտտցուցէք այդ օրերու անցքերուն վրայ եւ պիտի տեսնէք թէ ի՜նչպէս գիւղական ճարպիկ կուլակը, երէկուայ ցարական լրտեսը (որ սմքած էր ռուսական յեղափոխութենէն յետոյ) շահադէտը, պետական զեղծարար պաշտօնեաները, «մաւզէրիստ»ը (ոչ յեղափոխական եւ ոչ ալ ահաբեկիչ, այլ պարզապէս շանթաժիստ, վախկոտ, բայց ատրճանակը միշտ կողքին) եւ քրէական յանցանքով հետապնդուած անհատները մէկ մարդու պէս, սրբազան դաշնակցութեամբ մը գործակցեցան բօլշեւիկեան խուժանավարներուն: Հայ աշխատաւորութիւնը, պարտուած թրքական պատերազմէն, արիւնաքամ ու ուժասպառ եղած էր: Դաշնակցութեան խաղաղ տեղատւութեամբ ղեկավարներու մէկ մասը երկրէն դուրս ելած էր, իսկ միւս մասը ձերբակալուած եւ բանտարկուած էր Երեւանի, Էջմիածնի, Աշտարակի, Ղամարլուի, Բայազիտի եւ Ախտայի բանտերուն մէջ (այս հաշուին մէջ չեն մտներ Ղարաքլիսէի եւ Դիլիճանի բանտարկեալները, զորս Փետր. 18ին կարելի չեղաւ ազատել): Երեւանի մէջ եւ լեռները կը մնային մատի վրայ հաշւուած քանի մը գործիչներ: Թէեւ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու անդամներն ու բոլոր գործօն տարրերը բանտարկուած էին, սակայն Դաշնակցութեան ողնաշարը, աշխատաւորական յեղափոխական զանգուածը կը մնար: Գիւղին մէջ հնազանդ ու լուծի ենթակայ՝ իր վախի աչքը ուղղած դէպի թրքական վտանգը, իսկ յոյսի աչքը դէպի նոր եկող Ռուսաստանը, ան կը սպասէր ու կը տոկար:

Այս աշխատաւորական զանգուածը իր աչքով տեսաւ ու համոզուեցաւ որ Ռուսաստանը ոչ միայն իր սպասած բարիքները չէ բերած, կուգայ ոչ թէ իբրեւ թշնամի թուրքին, այլ՝ իբրեւ անոր բարեկամն ու զինակիցը: Իր համբերութեան բաժակը լեցաւ, երբ տեսաւ թէ բօլշեւիկեան նոր իշխանութիւնը ոչ ազգային, ոչ տնտեսական, ոչ քաղաքական եւ ոչ ալ դասակարգային օգուտ չունի: Իրօ՛ք հակայեղափոխութիւն մըն էր եղածը, որ կուգար ոչնչացնել ռուսական փետրուարեան յեղափոխութեան եւ Հայաստանի անկախութեան շրջանի բոլոր ազգային եւ դասակարգային ազատութիւններն ու նուաճումները, խայտաբղէտ խմբակի մը կողմէ, աջակցութեամբ Ադրբէյջանի, Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ բէգէրերուն եւ փաշաներուն: Այդ հարուածին կեդրոնական նպատակն էր կոտրել կազմակերպուած հայ աշխատաւորութեան մէջքը, ստրկացնել զայն անշնչացնելու աստիճան:

Քսան եւ չորս ժամուայ ցնցող հարուածով մը կը տապալէր բօլշեւիկեան բռնակալութիւնը եւ ճարպիկ ղեկավարները իրենց բոլոր գործակիցներով եւ ռուսական գունդերով կ’ապաստանէին Բօյիւք-Վէտիի եւ Նախիջեւանի խաներուն քով, իրենց արժանաւոր դաշնակիցներուն մօտ:
Ապստամբութիւնը ե՛ւ ժողովրդական էր ե՛ւ դաշնակցական-կուսակցական:

Ժողովրդական էր այն պատճառով որ ամբողջ աշխատաւորութիւնը մէկէն ցնցուեցաւ, ինք բաղձաց եւ ինքը զոհեց այդ յեղափոխութեան համար: Երբ անցքերը իրարու քով դասաւորէք, կը տեսնէք թէ ինչպէս Նոր-Բայազիտի շրջանը եւ Դարալագեազը կ’ապստամբին նոյն օրերուն, առանց լուր ունենալու Երեւանէն եւ Էջմիածինէն: Նախ որ յարաբերութիւնները խիստ դժուար էին. Գաղտնապահութիւնը կը ստիպէր միայն քիչերուն հետ խօսիլ եւ զգուշանալ գրաւոր հրահանգներէ իսկ բերանացի պրոպականտը անհնարին էր. սակայն ժողովուրդը կազմակերպուած բանակի մը պէս պատրաստ էր շարժելու: Ինք իր վճիռը տուած էր:

Դաշնակցական շարժում էր, անոր համար, որ դաշնակցական մէկ երկու նորակազմ մարմիններ կային, որոնք մէկը միւսին օղակուած՝ կազմակերպած աշխատաւորութեան հետ էին, շարժումները կը ղեկավարէին, կարգ ու կանոնը կը պաշտպանէին եւ ժողովրդի մտածումներն ու բաղձանքները ընդհանուր յայտարարի մը կը բերէին: Թէեւ Բիւրօն գոյութիւն չունէր, Կ. Կօմիտէները ցրուած էին, բայց Դաշնակցութեան յեղափոխական ոգին կուռ էր, պատասխանատւութեան գիտակցութիւնը՝ խոր:

Ժողովրդական ու յեղափոխական այդ ապստամբութեան եւ մանաւանդ յետագայ քառասնեւհինգօրեայ դիմադրութեան ատեն մեզ հետ էին Ս. Յեղափոխականները, Ս. Դէմօկրատները, ժողովրդական թէ պահպանողական այլ հոսանքներու պատկանողները: Մեզ դէմ կը մնային բօլշեւիկներն ու թիւրք-թաթարական տարրերը:

3
Երբ քննութեան առնենք Հայաստանի եւ Լեռնահայաստանի հակաբօլշեւիկեան շարժումները, անմիջապէս կը տեսնենք Դաշնակցութեան կորովը եւ հայ ժողովուրդի անվերապահ համակրանքը հանդէպ մեր կուսակցութեան յեղափոխական ձեռնարկներուն:

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ապստամբութիւններն ու կռիւները քաղաքացիական կռուի հանգամանք չունէին: Իրենց էութեամբ այդ կռիւները ուղղուած էին օտար տիրապետութեան դէմ:

1920 Մայիսին, երբ բօլշեւիկները խռովութիւններ յարուցին ամբողջ Հայաստանի մէջ, տեսանք թէ ինչպէս ռուսական կարմիր դրօշը եկաւ իր տիրապետութիւնը տարածեց Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի վերեւ, փրկելով Նախիջեւանի հակահայ խաները: Հայ լեռնական ժողովուրդը տեղի տուաւ, սպասելով Մեծն Ռուսաստանի խոստացած հրաշքներուն եւ եկող ուժին մէջ տեսնելով դաշնակից մը հանդէպ թուրք թաթարական տարրերուն:

Հայաստանը կրցած էր զսպել բօլշեւիկեան ապստամբութիւնը եւ հաստատ կը մնար իր անկախութեան տեսակէտին վրայ: Բայց Ռուսաստանի դաշնակից Թուրքիան, այս անգամ, կը հարուածէր մեզ, տեսնելով որ Լեռնահայաստանը արդէն գրաւուած է Ռուսաստանէն ու Ադրբէյջանէն, իսկ նորակազմ Հայաստանը տկար է:

Այս հարուածէն յետոյ, հայ ժողովուրդը մեծ սպառնալիքներով ընդունեց ռուսական ուժը, միշտ նկատի ունենալով իր ֆիզիքական եւ քաղաքական գոյութիւնը:

Հայ ժողովուրդն ու մտաւորականութիւնը իրենց աչքերով տեսան նոր Ռուսաստանը, չափեցին զայն տնտեսական եւ քաղաքական տեսակէտով, մանաւանդ վերջնական պատասխանը ստացան այն յոյսին զոր դրած էին Ռուսին վրայ, թրքական վտանգը վանելու համար: Լեռնահայաստանը որ միշտ անկախ կը մնար, մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ դիմադրելու բօլշիեւիկեան արշաւանքին: Իսկ Հայաստանի մէջ երեք ամիսը բաւ եղաւ, որ ժողովուրդը իր վերագնահատումը կատարէր, եւ փետրուարեան փառաւոր ապստամբութեամբ իր քաղաքական դաւանանքը հրապարակէր կտրուկ եւ որոշ: Հայ ժողովուրդը անձնական դառն փորձով, երկար տատանումներէ յետոյ, պայքարով եւ յեղափոխութեամբ կը ճշդէր իր քաղաքական ուղին: Կը դադրէին Ռուսաստանի վրայ դրուած յոյսերը եւ քաղաքական վառ երազները: Ռուսական «օրիանտասիոն»ը վերջնական հարուած կը ստանար Փետրուար 18-ով:

Այլեւս բոլորն ալ համոզուեցան թէ՝ բօլշեւիկեան Ռուսաստանը, սերտօրէն դաշնակցած թուրք պետութեան, հայուն համար Թուրքին թշնամութիւն չպիտի ընէ: Իսկ հայ ժողովրդի հողային ամբողջութիւնը, ցիր ու ցան հայութեան կեդրոնացումը, Տաճկահայաստանի եւ Ռուսահայաստանի միացումը, եւ ազգային պետութեան մը ստեղծումը, կարելի է միայն, այսօրուայ աշխարհակալ Թիւրքիոյ դէմ շարժելով: Դէպքերը կը ցուցնեն թէ բօլշեւիկեան Ռուսաստանը երբէք չպիտի թշնամանայ քէմալական Թուրքիոյ հետ, հայ ժողովրդի կեանքի ու մահուան խնդիրը լուծելու համար: Բօլշեւիկեան Ռուսաստանը կրնայ միշտ ալ իր մէջ սնուցանել ամբողջ Թուրքիոյ կցումը եւ խորհրդայնացումը, բայց այդ չերթար հայկական բարձրաւանդակի վրայով: Ամեանայն հաւանականութեամբ խորհրդային Թիւրքիա մը, միացած բօլշեւիկեան Ռուսաստանին, պիտի դառնայ աւելի վտանգաւոր մեզ, Հայերուս, իր թուրանական ծրագրով, քան այժմու կղզիացած վիճակով Թիւրքիան: Հանդուրժելը, վար ու ցանքով պարապիլ եւ կուշտ փոր մը հաց ուտելը ազգի մը ապրելու եւ վերածնունդի ճանապարհը չեն, այլ ֆիզիքական գոյութեան պահանջը: Հայ ժողովուրդը ինքնամփոփուած, իր ներքին ուժերու խտացման ու դասաւորութեան մէջ կը գտնէ իր փրկութեան ճանապարհը: Կեանքի դառն փորձերը իրեն սորվեցուցին որ մեծ ազգերն ու դէպքերը փոքր ժողովրդի մը վրայէն կրնան անցնիլ, ու այդ ժողովուրդը կամ կ’ընկճուի եւ կա՛մ իր վերածնունդի պատեհութիւնը կը կորսնցնէ, եթէ ներուժ կազմակերպութիւն մը չունի: Իսկ եթէ քաղաքական անցքերը,– հիւսիսէն թէ արեւմուտքէն,– մեզի նպաստաւոր դասաւորութիւն մը ստանան, աւելի՛ լաւ:

4
Փետրուարեան ապստամբութեան խելայեղ թափը, ժողովուրդի անհուն հրճուանքը կարելի է բացատրել անկախ պետութեան, ազատ հայրենիք ունենալու բուռն բաղձանքով: Ազգային անկախութեան աղաղակն էր որ կը պոռթկար փետրուարեան ցնցումներուն մէջ: Անշուշտ մեծ գործ էր երկու հազարէ աւելի մտաւորական եւ զինուորական գործիչներու ազատումը, քաղաքացիական ազատութեան վերահաստատումը, բօլշեւիկեան աւարառուներու վտարումը: Բայց այդ բոլորէն վեր կը խօսէր քաղաքական խոր գիտակցութիւնը – վերականգնել կորսուած անկախութիւնը եւ հայրենիքը ազատել օտար ու անօգուտ լուծէն, ստեղծել հարազատ վարչութիւն մը, ժողովուրդն ամբողջ մասնակից դարձնելով հայրենիքի զարգացման գործին:

Փետրիւարեան, ինչպէս եւ Լեռնահայաստանի անցքերը հիմնապէս կռեցին եւ կոփեցին հայ ժողովուրդին քաղաքական մտածողութիւնը: Եւ այսօր, հայ ժողովրդի հոծ զանգուածները, կազմակերպուած Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, հայ մտաւորականութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կանգնած կը մնան անկախութեան, հողային լայնացման եւ հայահավաքման տեսակէտին վրայ. իսկ հայ բօլշեւիկները, Ռամկավարներն ու շարք մը խայտաբղէտ տարրեր փառք կուտան Ռուսաստանի հպատակ, նեղ ու սեղմուած երկրի մը, դուրս ձգելով երկու միլլիոնէն աւելի հայութիւն մը, քանդելով բոլոր հարուստ քաղաքական հեռանկարները եւ թումբ կանգնելով հայ ժողովրդի վերածնունդի ճամբուն վրայ:

Անկախութեան կուսակիցները կը տեսնեն թէ ինչպէս հայ ժողովրդի մեծամասնութիւնը անհայրենիք կը թափառի ու կը ծիւրի, ենթակայ տնտեսական եւ քաղաքական հալածանքներու, կը տեսնեն թէ ինչպէս յարաճուն հայ ժողովուրդը հարկադրուած է թողուլ Հայաստանը եւ անցնիլ Ռուսաստան, դիմանալու համար տնտեսական դաժան պայմաններուն, եւ այս բոլորը հակառակ բօլշեւիկներու առուներուն եւ առուակներուն, որոնք սկսած են հեքեաթներու կարգը անցնիլ: Այդ բոլորի կողքին կը տեսնեն նաեւ սահմանակից Տաճկահայաստանը, կարօտ՝ աշխատաւոր բազուկներու եւ զուրկ բնակչութենէ: Հայ ժողովուրդը քաղաքական եւ տնտեսական պահանջներու բնական մղումով կը ձգտի միացեալ Հայաստանին: Անկախութեան եւ միացեալ Հայաստանի ըմբռնումները ձուլուած, միւս ու արիւն դարձած են Հ. Յ. Դաշնակցութեան, ինչպէս եւ ժողովրդական զանգուածներուն համար:

Կարճ խօսքով, Փետրուարեան ապստամբութիւնը կը դառնայ այն դարձակէտը, որմէ յետոյ դաշնակցական երիտասարդութիւնը, արտասահմանի, Երկրի եւ Ռուսաստանի մէջ կը համախմբուի անկախութեան ու ազգային պետութեան քաղաքական նպատակին շուրջը: Փետրուար 18ը կը ստեղծէր անկախութեան մարտիկ սերունդ մը, որ այսօր ողնաշարը կը կազմէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան, ինչպէս Հայաստանի եւ Կովկասի մէջ, այնպէս ալ Թաւրիզէն-մինչեւ Փրակա, Սիւրիայէն մինչեւ Փարիզ եւ Ամերիկա:

Առաջին մէկ երկու տարիներու ընթացքին, Ռուսաստանի եւ Կովկասի թոհ ու բոհին մէջ, ինչպէս նաեւ Կարսի անկման, ու Լօզանի դաշնադրութեան բեկումները հանդարտ դատումի արգելք կ’ըլլային: Բայց հիմա, երբ ուշադրութեան կ’առնենք երկրի երիտասարդութեան մտածումներն ու բաղձանքները, կը կշռենք անոր քաղաքական հասունութիւնը, նկատի կ’առնենք կուսակցական գերագոյն ժողովներու որոշումներն ու վերագնահատութիւնները, կը տեսնենք որ փետրուարեան ապստամբութիւնը իր հետ բերած է քաղաքական որոշ թարմութիւն մեր կուսակցութեան, եւ ինչ որ կարեւորն է, բացորոշ ու անսայթաք քաղաքական ուղեգիծ մը պարտադրած է բոլորին:

Քաղաքական պայքարին մէջ մեծ արժէք ունին միակամութիւնը, հաւատքը եւ կորովը: Փետրուար 18ը ամրապնդեց այդ առաքինութիւնները: Անցնող հինգ տարիներու ընթացքին, աւելի ու աւելի այդ ուղղութեամբ կը գործէ մեր կուսակցութիւնը, խտացնելով յեղափոխական կուռ բանակի շղթան որ իրարու կը միացնէ հեռաւոր գաղութէն մինչեւ Հայաստանի լեռնային անկիւն մը թառած «Դաշնակցութեան մտայնութեան» ներկայացուցիչները:

5
Հայ-թրքական պատերազմին պարտութեան հետեւանքով, ոչ միայն հայ ժողովուրդի մէջքը կոտրած էր, այլ եւ ԵՍը: Հազիւ ինքզինքին կուգար, բայց կը տեսնէր թրքական կրունկները որ զինք կը ճնշէին Արաքսի եւ Ախուրեանի ափերուն վրայ: Անկախութիւնը կորսնցուցած, հայ ժողովրդի Եսը փշուր փշուր եղած, կ’ենթարկուէր ուրիշ լուծի մը, ռուսականին, որ փոխանակ իր մէջքը շտկելու, աւելի կը հարուածէր, թէ ֆիզիքապէս եւ թէ բարոյապէս:

Փետրուարեան հակահարուածը եկաւ զգետնուած ժողովուրդի մը մէջքը շտկելու եւ զգացնելու որ տրորուելու եւ կոտորուելու արժանի հօտ մը չէ ինք: Այդ հզօր պոռթկումը ազգային Եսի վերականգնումն էր, Թրքական պարտութեան վրէժխնդրութիւնն էր, փախուստէ մը յետոյ եղած միահաղոյն եւ կորովի հակայարձակումն էր, որ կը փրկէր հայ ժողովրդի մարդկային հպարտութիւնն ու պատիւը:

Այդ հարուածին առջեւ, ապշած մնացած էին բոլոր օտարները, իրենք Ռուսերը, մեր դէմ եկող ռուսական բանակի հրամանատարները եւ Թուրքերը, տեսնելով թէ ի՛նչպէս երէկուայ պարտուած ու նահանջող ժողովուրդը կորովի շարժում մը փորձեց: եւ ինչ որ աւելի ուշագրաւ էր, ապստամբութենէն յետոյ, քսան եւ հինգ օրւայ անդուլ ու անընդհատ ճակատամարտերու ընթացքին, հայ ժողովրդական վաշտերը կորովի դիմադրութիւն ցոյց տուին ռուսական բանակին ու շատ անգամ պարտութեան մատնեցին զայն:

Հայաստանը Ռուսերու կողմէ գրաւուեցաւ թիզ առ թիզ, ահռելի կռիւներով: Այն օրերուն, Դաշնակցութեան եւ անոր համագործակից բոլոր հոսանքներու ղեկավարները, մտաւորականութիւնը եւ գիւղական զինւորները ցոյց տուին վճռական կամք, կռուի ընդունակութիւն եւ կատարեալ համերաշխութիւն:

Ռուսներն ու իրենց գործիչ հայ բօլշեւիկները ռուսական սուիններու ուժով եկան կրկին տիրեցին մեր երկրին: Բայց, Ապրիլ 2ին, անոնք այլեւս չգտան Դեկտմբեր 2-ի կորաքամակ հայ ժողովուրդը: Լենինի նամակը Միասնիկեանին՝ կը թելադրէր տեղական պայմանները նկատի առնել ու այնպէս գործել: Պարտուած յեղկոմը կուգար փետրուար 18ի անողոք հարուածներուն տակ վերագնահատելու իր ուղին… Հայաստանի մէջ:

Հինգ տարի անցած է այն օրէն. բայց Հայաստանի բօլշեւիկեան կառավարութիւնը կը մնայ բարոյապէս պարտուած, իսկ ժողովուրդը, լուռ, բայց յաղթական:

 

Փետրուար 18-ի ապստամբութեան վեհութիւնը

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակի շեմին, 1921 Փետրուար 18-ի համաժողովրդային ապստամբութիւնը յաւելեալ պայծառութեամբ եւ խորանարդուած իմաստով կը լուսագծէ մեր ժողովուրդի ազատատենչութեան ոգին ու կամքը։ Մայիսի 28-ն անկախութեան ձգտումի նուաճումն էր։ Փետրուար 18-ն նուաճուած անկախութեան վերադարձի մաքառումն էր։

Մեր ժողովուրդի պայքարի ոգին եւ ազգային հպարտութիւնը խորհրդանշող այս երկու թուականները էախառնուած են իրարու, շաղկապուած են միասին, անքակտելի են իրարմէ։ Երկուքն ալ ուղղուած էին հայութեան թշնամիներուն դէմ։ Մէկը օտար ուժերուն դէմ, միւսը օտարածին իշխանութեան դէմ։

Փետրուար 18-ն իր ներշնչումը ստացաւ Մայիս 28-ի անկախութեան խոստումէն։ Ապստամբութիւնը տարերային էր եւ ուղղուած՝ օտարածին իշխանութեան մը դէմ։ Ապստամբական շարժումը կը բխէր մեր ժողովուրդի սեփական ու ազգային ազատատենչութեան ոգիէն, որ միշտ ծառացած է օտարածին եւ օտարամուտ տարրերուն դէմ։

Այդ օրերուն իրերու դրութիւնը յստակ էր։ 1920 Դեկտեմբերէն սկսեալ հայրենի ժողովուրդի գլխուն կանգնած էր օտարին կողմէ դրածոյ իշխանութիւն մը՝ յենարան ու ապաւէն ունենալով պոլշեւիկեան կարմիր բանակի սուինները։ Երկու ամիս չանցած, արդէն արեւի լոյսի նման յստակ դարձած էր իշխանութեան պոլշեւիկեան դիմագիծն ու էութիւնը, որոնք կը դրսեւորուէին ժողովուրդի դէմ կեղեքումով, թալանով եւ դաժանութեամբ։

Սակայն, ազատատենչութիւնը հիմնաքարը կազմած է մեր ժողովուրդի պատմական երթին։ Երբ բռնութիւնը կու գայ պարտադրելու ինքզինք, մեր ժողովուրդը կ՚ապաւինի իր ազատատենչ նկարագրին եւ կը դիմադրէ ազատութեան կենսագործման ի խնդիր։ Հայկ Նահապետէն սկսեալ, հայոց պատմութիւնը վկայարանն է մեր ժողովուրդի ազատատենչութեան։ Մեր նորագոյն պատմութեան ազգային ազատագրական պայքարի ֆետայիներն ու ազատամարտիկները արդի վկաներն են մեր ազատատենչութեան։

Փետրուարեան այդ մթագոյն օրերուն, մեր ժողովուրդը երբեք չդաւաճանեց իր ազգային նկարագրի ազատատենչութեան յատկանիշին։ Մանաւանդ երբ մեր ժողովուրդի կողքին կանգնած էր մեր ազատատենչութիւնը մարմնաւորող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ առաջնորդող ուղի եւ կազմակերպ ուժ տրամադրեց տարերայինին։

Կացութիւնը յստակ էր, թիրախը պարզ էր։ Այն ինչ որ օտարի պարտադրանք է, անընդունելի է մեր ժողովուրդին համար։ Այն ինչ որ օտարի ներմուծում է մեր ազգային կեանքէն ներս, մերժելի է մեզի համար։ Այն ինչ որ խորթ է մեր ազգային արժէքներուն, արժանի է միայն մեր ժողովուրդի մերժումին՝ ապստամբութեան թէ այլ միջոցներով։ Ճիշդ այդ պատահեցաւ Փետրուար 18-ին, մեր ժողովուրդի համընդհանուր մասնակցութեամբ եւ Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ։

Այս լոյսին տակ պէտք է ընկալել Փետրուար 18-ի համաժողովրդային ապստամբութիւնը, որ պերճախօս վկայութիւնն է հայ մարդու ազատատենչ ձգտումներուն եւ Դաշնակցութեան մարտական կամքին, որ միշտ եղած ու պիտի ըլլայ ի սպաս հայրենիքին ու ժողովուրդին, ի խնդիր ազատութեան եւ ազգային արժանապատուութեան։

Փետրուարեան ապստամբութիւնը նաեւ ըստ էութեան կը ներկայացնէ պատմական անհերքելի իրողութիւն մը, որ պարզապէս կը հարստացնէ մեր պատմութեան հերոսական էջերուն շքեղ շարքը։ Իր բնոյթով, խորքով ու տարողութեամբ ան հարազատ էր մեր պատմական աւանդներուն։ Ան տարերային շարժումներու ամենէն կատարեալն էր։ Վերջապէս, ան պոլշեւիկեան բռնութեան դէմ առաջին յաջող ըմբոստութիւնն էր Լենինեաններու պատմութեան մէջ։

Եթէ օրուան օտարամուտ իշխանութիւնները չունենային անխոհեմ կեցուածք եւ չցուցաբերէին անբաղձալի մօտեցումներ Հայաստանի ու հայութեան գոյութեան նկատմամբ, հայ բանուորը, գիւղացին եւ քաղաքաբնակը պիտի չդիմէին ապստամբութեան։ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին կառավարութիւնը օրինական միջոցներով իշխանութիւնը փոխանցած էր նոր իշխանութեան մը, որ կը ներկայանար իբրեւ հայ դիմագծով օժտուած նոր վարչաձեւ մը։ Հայ ժողովուրդի համար վարչաձեւային փոփոխութիւնը այլամերժութեամբ չընկալուեցաւ՝ ապաւինելով անոր ենթադրեալ հայեցի դիմագծին։

Ինչ ալ ըլլային վարչաձեւային պայմանները, մեր ժողովուրդին ձգտումն էր հայ պետականութեան, հայ տնտեսութեան եւ հայկական հողերու պահպանութեան ապահովումը։ Արդ, Դեկտեմբեր 2,1920-ի համաձայնութեամբ հաստատուած խորհրդային կարգերը իրենց «հայ» ղեկավարութեամբ այլամերժումի եւ դրժումի առարկայ չէին հայութեան համար։ Ուստի Հայաստանի քաղաքացին նոր իշխանութենէն՝ Յեղկոմէն կ՛ակնկալէր գուրգուրանք, տնտեսական բարելաւում, ընկերային արդարութիւն, ամուր պետականութիւն։

Սակայն, Յեղկոմը ունէր տարբեր նպատակներ ու հեռանկարներ, որոնք չէին համընկնիր մեր ժողովուրդի իղձերուն։ Պոլշեւիկ Սարգիս Կասեաններ եւ Աւիս Նուրիջանեաններ, որոնց համար խորթ էին հայ պետականութեան եւ ազգային ազատագրական պայքարի խորհուրդները, թրծուած էին օտարածին գաղափարներով եւ հետամուտ էին հակահայ նպատակներու, ուր հայ ազգային շահերը տեղ չունէին։ Անոնց համար կրկնակ առաջադրանքներ էին «պրոլետարիատի դիկտատուրայի» հաստատումը եւ «համաշխարհային յեղափոխութեան» զարգացումը։

Այդպէս մտածեց ու գործեց Յեղկոմը։ Իսկ մեր ժողովուրդը իր վէրքերուն համար կարիքը ունէր դարմանողներու։ Ժողովուրդը պէտք ունէր նեցուկի։ Ժողովուրդը կարօտը ունէր յարգանքի։ Բայց յանուն «պրոլետարիատի դիկտատուրայի» հաստատման եւ «միջազգային յեղափոխութեան» տարածման, օտարամուտ Յեղկոմը իր օտարամէտ գաղափարախօսութեամբ հալածեց հայ ժողովուրդը, կողոպտեց ժողովուրդին ունեցուածքը, բանտարկեց ու կացինահարեց ժողովուրդին համար սիրելի ղեկավարութիւնը, աքսորեց հանրապետական բանակի սպաները։

Աւատապետական եւ դրամատիրական կարգերու հետքն իսկ գոյութիւն չունէր Հայաստանի մէջ 1920ին, սակայն յանուն պրոլետարիատի ու կոմունիստական յեղափոխութեան կը թալանուէր ժողովուրդը։ Այս բռնատիրութեան հանրագումարն էր հալածանք, կողոպուտ, թալան, բանտարկութիւն, չարչարանք, կացինահարում եւ աքսոր։

Հայուն համբերանքը ունէր իր սահմանը։ Հայուն ազատատենչութիւնը ունէր իր խոստումը։ Օտարամուտ իշխող խաւին դէմ ապստամբութենէ տարբեր միջոց չէր մնացած հայ ժողովուրդին համար։ Ապստամբութեան ազդանշանը տրուեցաւ սասունցիներու կողմէ՝ Արագածի փէշերէն։ Ապա Աշտարակէն, Էջմիածինէն, Բաշ-Գառնիէն, Կոտայքէն, Ախթայէն եւ այլ շրջաններէն։ Դուրս եկաւ հայ ժողովուրդը տարերայնօրէն, վերջ դնելու համար Յեղկոմի օտարամէտ գործակալներու սանձարձակութիւններուն։

Ազատատենչութեան կռիւն էր Փետրուար 18-ի ապստամբութիւնը։ Հացի, ազատութեան եւ ազգային արժանապատուութեան պահպանումի պայքարն էր Փետրուարեան այս ժողովրդական տարերային պոռթկումը։

Այս տարերային կռիւի ու պայքարի մէջ կը կայանայ Փետրուար 18-ի ապստամբութեան վեհութիւնը։ Այս ապստամբութիւնը պարտադրուեցաւ մեր ժողովուրդին։ Բայց մեր ժողովուրդը գիտցաւ ընդառաջել այդ պարտադրանքին՝ հարազատ իր արժանապատուութեան եւ արժանի իր ազատատենչութեան կոչումին՝ ընդդէմ օտարածին եւ օտարամուտ տարրերու։ Ինչպէս միշտ մեր ժողովուրդը իր կողքին ունեցաւ հայ կեանքէ ներս ազատութեան պայքարի գերակշիռ գործօնը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Դ.)

$
0
0

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ.- Ուրախ եմ, որ դպրոցը յիշեցիք: Ամէնէն էականը, ըստ իս, որ մատնանշեցիք: Երբ դպրոցը դադրի, գաղութին զարկերակը կը դադրի բաբախելէ, կարծեմ այդպէս ալ ըսած էր, առիթով մը, Շահան սրբազան, հարցազրոյցի մը ընթացքին: Ուրախ եմ, որ սուրիահայ գաղութը բաց թողուց իր դպրոցները, կրցաւ զանոնք անքանդելիի առաջին սահմանէն ներս առնել: Յատուկ յուզումով եւ խանդավառութեամբ կը հրատարակենք մեր հայերէն պլոկին (hayerenblog.wordpress.com) վրայ Հալէպէն, Դամասկոսէն ու մանաւանդ սահմանամերձ Գամիշլիէն հայ աշակերտներու շարադրութիւնները: Անոնցմէ մեր երակները ուժ կ’առնեն: Եւ ասիկա իբրեւ հռետորութիւն մի՛ ընդունիք, կը խնդրեմ:

Անդին` պիտի տեսնէք, թէ որքա՛ն արագ կ’անցնիմ բացասականի ափը. իրողութիւնները մեզ յոռետես դարձնելու հակամէտ են, սակայն այդ ալ լաւատեսութեա՛ն հաշուոյն տեղի կ’ունենայ, հոգ մի՛ ընէք, այլապէս այսքան ժամանակ տրամադրելը այս հարցերուն` անիմաստ պիտի ըլլար. քիչ չէ թիւը այսօր այնպիսիներու` կազմակերպութիւն կամ անհատ, որոնք համոզուած են, որ դպրոցը` հասութաբեր հաստատութիւն մը չէ: Դպրոցին կը մօտենան իբրեւ գործարանի մը, որ… ի՞նչ կ’արտադրէ: Այո՛, այդպէս է արդարեւ, հայերէնի գիտակ հայ արտադրող գործարան մըն է հայ դպրոցը` առաջին հերթին, կամ` ի միջի այլոց: (Բազմահոլով «ոգիի խնդիր»-ը` այնքան բռնաբարուած ու շահագործուած այդ նիւթը պահ մը մէկդի ձգենք): Եօթանասունը անց հայախօս մարդոց այսօր կը հանդիպինք Եւրոպայի մէջ, որոնք արտադրութիւնն են Երուսաղէմի, Մելքոնեանի, Եգիպտոսի եւ այլ գաղութներու: Եւ մխիթարիչ է այս երեւոյթը, երբ մանաւանդ անոնք իրարու հետ ալ հայերէն կը խօսին: Կիլիկեցի վերապրող թրքախօս հայը կրցած էր իր զաւակները հայախօս դարձնել: Ասիկա` յատկապէս լիբանանեան մեր օրինակէն մեկնած: Եւ հիմա, անհամեմատելի լաւ պայմաններու մէջ դպրոց բանալն ու պահելը մեծ հարցականներու վերածուած են Միջին Արեւելքի մէջ: Մարտահրաւէր ու հերոսութիւն դարձած են: Յստակ չէ` ինչո՞ւ: Կամ ալ, թերեւս, շատ յստակ է: Որբերու սերունդը կրցաւ, սակայն յղփացած սերունդներ կը դժուարանան իրենց կարողութիւնը ի գործ դնել: Այս է կեանքի իրականութիւնը: Եղեռնին ուժը մենք կը թերագնահատենք: Մահէն կու գայ անիկա եւ մահուան դէմ դնելու զօրութիւն ունի: Ճիշդ աս է հարցը արդէն դիմադրողականութիւն կոչուածին: Պատերազմէն յետոյն է աս: Կարմիր ծովէն անցքը, եթէ կ’ուզէք: Սուրիոյ օրինակով տեսանք, որ պատերազմը չի կրնար քանդել դպրոցը, բայց յղփացումը կրնայ:

Դպրոց եւ մամուլ` սփիւռքեան երկու մասնաւոր աշխարհներ են, որոնց կ’ուզեմ անդրադառնալ հոս: Ես այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ մեր ընկերութեան մէջ, համապատասխան վայրերուն մէջ, բանալի անձեր ի սպառ կը բացակային, որոնք կրնան ճակատագրական փոփոխութիւն կատարել: Օրմանեան սրբազանի մը կարճատեւ ներկայութիւնը Ս. Էջմիածին, Գէորգեան ճեմարանի իբրեւ տեսուչ, ճակատագրական դեր ունեցած էր` սերունդի մը ճամբայ բանալով: Մենք Օրմանեան չենք` պիտի ըսէք անմիջապէս: Հապա ի՞նչ է ձեր անունը: Անուն մը հարկ է ունենալ:

Մամուլի պարագան բաւական հետաքրքրական ու կարեւոր է, մանաւանդ` սփիւռքի մէջ: Մեր ունեցած-չունեցածը հոն մթերուած կը գտնուի: Մօտիկ անցեալին Անդրանիկ Ծառուկեան, Սիմոն Սիմոնեան, Պօղոս Սնապեան կրցած էին «իրենց» թերթերը վերածել յատուկ աշխարհի մը, յատուկ նկարագրով ու նպատակներու հետապնդումով, իրենց բոլոր թերութիւններով հանդերձ: Ժամանակները տարբեր են, գիտենք բոլորս, ժամանակները կը փոխուին: Ատենին կային գրոց-բրոց դպրոցականներ, կը հաւաքուէին իրենց ուսուցիչներուն շուրջ, որոնք եւս կային: Այսօր ո՞վ որո՛ւ շուրջ հաւաքուի: Հ. Յակոբոս վրդ. Տաշեանին շուրջ կը հաւաքուէին իր աշակերտները Վիեննայի Մխիթարեան վանքին մէջ եւ բառեր կը հաւաքէին, կը ցանկագրէին, կը քննարկէին, բառի մարզանք կ’ընէին, եթէ կ’ուզէք: Ճիշդ է` այդ շրջանին բանասիրութիւնը, լեզուագիտութիւնը տարբեր թափով ու տարբեր մթնոլորտի մէջ յառաջ կ’երթային, եւ այդ համախմբումը արձագանգն էր այդ թափին: Դատարկ անցելապաշտութիւն չէ ըրածս, որ մատնանշումէ անդին չ’անցնիր ու անօգուտ է առանձինն` ինքն իր մէջ: Հարկ է անցնիլ այսօրուան եւ տեսնել այսօրուան համար կարելիութիւններ, որոնք միշտ ալ կան: Այսօր, նոր ժամանակներու արհեստագիտութեամբ, կան համացանցային խաղեր: Թերեւս այսօր ալ կան նման մարզանքով զբաղողներ: Թերեւս հարկ է սպասել տակաւին լաւ բաներու: Ողբերգականը, ամէն պարագայի, միայն պատերազմը` ինք չէ, կը տեսնէք, այլ` տեղ մը յաղթուած պատերազմի չանդրադարձող ինքնախաբէութիւնը:

«Չանդրադարձող ինքնախաբէութիւն»-ը ինծի` ձեր երբեմն գործածած «գոյերթ» բառը յիշեցուց, որուն համար հոս կ’ուզեմ փակագիծ մը բանալ: Կ’ենթադրեմ, որ Սարգիս Կիրակոսեանն է այս բառին գիւտարարը: Աստուած հոգին լուսաւորէ, սակայն այդ բառը ինծի կը յիշեցնէ, որ մերկ ու պարզ «երթ»-ը (որ նաեւ անունն է Սուրիահայ գրողներու համախմբումի ձեր տարեգիրքին) երթալ մըն է, սանկ` անորոշ յառաջընթաց մը, անբաւարար, իսկ «գոյերթ»-ը մեր գոյութեա՛ն ընթացքն է, որ շատ աւելի լուրջ բան մը ըլլալու է, կը խորհիմ: Այստեղ, ուրեմն, թոյլ տուէք ինծի կամայական երկու խմբակ կազմել երթի եւ գոյերթի. առաջինը, այսպէս թէ այնպէս, քալողներու խմբակն է, իսկ երկրորդը` գոյութեան երթին գիտակիցներու խմբակը: Ալ ո՞վ ո՛ր խմբակին մաս կը կազմէ` ինք կ’որոշէ: Իմ բնութագրումովս, սոսկ երթին մասնակիցները «չանդրադարձող ինքնախաբէութեան» զոհերն են:

Բայց հարկ մըն է նախ հարցումը դնել. ի՞նչ կացութիւն է այս, անուն ունի՞ այս կացութիւնը, երբ Միջին Արեւելքի մէջ հայկական վարժարանէ շրջանաւարտը կոճկուած հայերէնի մը, բերանացի կամ գրաւոր, չի տիրապետեր. երբ պաշտօնաթերթերու մէջ ուղղագրական իսկ սխալները բնական երեւոյթ դարձած են. երբ հայերէնի ուսուցիչ ունենալը կամ գտնելը շռայլութիւն կարելի է համարել: Այս երեւոյթներուն ցանկը երկար է: Գոյութեան ի՞նչ «ամրոցներու» մասին կը խօսինք: Ամպեղէ՞ն: Գրաւուա՞ծ են մեր բերդերը: Մենք մեզի հարց կու տա՞նք, թէ ի՛նչ կացութեան մէջ կը գտնուինք: Ես վստահ չեմ, որ այս հարցումը ձեւականութենէ մէկ քայլ անդին անցած է: Տակաւին, վտանգաւորը այն է, տագնապներո՛ւն տագնապը, որ տագնապին մաս կազմող, տագնապը յառաջացնո՛ղ տարրերն են, որ տագնապին մատնանշումը կ’ընեն, մտահոգութիւն ու ցաւ կը յայտնեն, իբր թէ կ’անհանգստանան: Ճիշդ` քաղաքականութեան մէջ եղածին պէս: Գողը կը խօսի գողութեան մասին, անսուրբը` սրբութեան: Ինչ որ Էրտողանը կ’ընէ երբեմն: Ահաւասիկ` ցաւերուն ցաւը, աղուէսը կարգուած է հաւնոցին պահապան: Աղուէսը հաւերուն ապահովութեան մասի՞ն կը մտածէ, թէ՞ ոչ իր անձնական շահին: Պատասխանը պարզ է: Յուսադրիչ երեւոյթներու փնտռտուքով կրնաս ժամանակդ սպաննել:

Յուսահատութիւնը յոյսին համար է, անոր հականիշը չէ, անոր օգնանիշն է, ինչպէս կասկածը հաւատքին համար գործելու է: Այլապէս ինքնանպատակ յուսահատութիւնն ու կասկածը կրնանք ենթադրել, թէ ո՛ւր կ’առաջնորդեն:

Երբ այս տողերը մեր հայաստանցի քոյրերն ու եղբայրները կը կարդան, անմիջապէս կը կարծեն, որ սփիւռքի թաղման արարողութիւնն է, որ կը կազմակերպուի: Ո՛չ, սիրելինե՛ր, ձեր կացութիւնը շատ աւելի գէշ է: Համապատասխան հաստատութիւններ ունենալով հանդերձ, պետական նեցուկ ունենալով հանդերձ, համապատասխան ձեր բացթողումները մտահոգիչ են:

Մարդուժի խնդիրը կարելի է չորս աստիճաններու վրայ դիտել`

1.- Մարդուժ չունինք,
2.- Մարդուժ չենք պատրաստեր,
3.- Մարդուժ չենք կրնար պատրաստել,
4.- Մարդուժ չենք ուզեր պատրաստել:

Չորս աստիճաններն ալ գոյութիւն ունին, եւ ես կը կարծեմ, որ չորսն ալ լուրջի չեն առնուած: Կարելի է օր մը մանրամասնութիւններու անդրադառնալ: Նոյնիսկ կարեւոր է:

Խօսքը Միջին Արեւելքէն դուրս տանելով, արեւմտեան աշխարհի մէջ միջինարեւելեան կամ կիսամիջինարեւելեան կարգ մը գաղութներու պարագային, ուր լեզուն կը պակսի, բայց «հայկականը» առաւելաբար տոլմային հոտէն կ’առնեն ոմանք, որ չեմ արժեզրկեր, բնականաբար, գիտակցական գէշ-աղէկ կացութիւն մը յառաջացած է: (Գէշի եւ աղէկի միջեւ պայքարը, սակայն, իր աւարտով երբեք յստակ չէ: Երբեմն գէշն է գերակշիռ, երբեմն` աղէկը): Հոն ալ նոյնն է պարագան: Հարցումը չի դրուիր: Կացութիւնը լրջութեան չի հասնիր: Կարծէք` մեր գոյութիւնը կը նմանի մէկ շաբթուան կամ նոյնիսկ մէկ օրուան համար գնումի գացող ու սառնարանը լեցնող ուսանողի մը հապճեպ կացութեան: Մինչ գիտենք, որքա՜ն եւ որպէ՜ս կը լեցուէին մեր նախնեաց հայրենիքին մէջ մառանները: Մեր մառանները այսօր գրեթէ դատարկ են, եւ մենք յաւերժութեան մասին կը խօսինք, երկու վայրկեանը մէկ:

Գերմանիոյ մէջ ալ մշակութային լաւ ու բարձրորակ ձեռնարկներ տեղի կ’ունենան վերջին տարիներուն, մասամբ` Հայաստանէն ներածուած ուժերով, «Հայկական մշակութային շաբաթ»-ներ, ուր միտք բանին մեր մշակոյթի ցուցադրութիւնն է, յատկապէս` գերմանացիին կամ օտարին: Մեզի հետ գրեթէ կապ չունի ան: Կարծես մշակոյթը, գրականութիւնը, երգն ու պարը ըլլային հագուստ, որ կը հագնիս, կը ցուցադրես, կը վայելես, կ’ուրախանաս, կը հպարտանաս, կը հանես եւ կ’անցնիս… գործիդ (դարձեալ` գործնականութիւնը մեր, որ միշտ կը հալածէ մեզ): Մենք մեր մարմինն է, որ չենք զգար, զայն հագուստի վերածած ենք: Իսկ գաղութային կազմակերպչական կեանքի մէջ, ընդհանրապէս, միօրեայ թիթեռնիկի կենսահորիզոնը ի՞նչ ձեռքբերում կը խոստանայ: Տոլման` լիցքը կը լիցքաւորէ, եւ լաւ է այդ մէկը: Ազգագրութիւնը միայն ճաշը, պարն ու երգը չեն բացայայտօրէն:

Ինծի համար քանի մը տարի առաջ բաւական հետաքրքրական նորութիւն մըն էր Սուրիոյ գաղութին սփիւռքը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ, ուր զարգացած եւ երիտասարդ ուժեր մէկտեղուած էին եւ կարելիութիւնը ունէին իրենք իրենց ուղղելու իրենց գոյութեան վերաբերող հարցումներ:

Պակսողը, վրիպողը թերեւս աւելի յստականան հետեւեալ օրինակով: Վերջերս կ’ուսումնասիրէի Գարեգին վրդ. Յովսէփեանցի նամակները: Շատ բնական է, որ իր նամակներուն մէջ գլխաւորաբար իր կատարած աշխատանքին մասին պիտի խօսի մարդը: Գիտնական մարդուն տեղեկագրած տողերուն մէջ, սակայն, իր աշխատանքին կապուած կիրքն ու խանդը այնքան զգալի են, եւ խանդով կատարուած գիտութիւնը, կարծէք, տարբեր բնորոշումի մը պէտք ունի: Այդ խենթ խանդն է, որուն ուզէք` «հաւատք» անունը տուէք, ուզէք` «ոգի» ըսէք, թէեւ ոգին շատ լլկուած է, կամ` «խենթութիւն»: Վերը ակնարկեցի հաւատք-գործ հակադրութեան: Համալսարանին մէջ ալ, մեր ուսանողութեան շրջանին, կային դասախօսներ, որոնք սոսկ տեղեկութիւն կը փոխանցէին` գիրքերու մէջ շարադրուած չոր ծանօթութեան պէս, ուրիշներ, փոխանցուածին կողքին, հորիզոն կը բանային, կը ստիպէին, որ երթայիր, աւելի պրպտէիր, աւելի քննէիր:

Դպրեվանքի մեր ուսուցիչներէն երջանկայիշատակ Գարեգին վեհափառը գիւղական կեանքէ տպաւորիչ օրինակ մը տուած էր անգամ մը` ինքնանորոգումի ակնարկելով: Մօտաւորապէս կը յիշեմ խօսքերը. «Երբ մեր գիւղացիները տեսնէին, որ տուեալ տարի բերքը լաւ չէր, հողը չորցած կամ հիւանդ էր, կէս մեթր կը փորէին իրենց պարտէզը, վար կ’իջնէին, հողը կը «դարձնէին», որ լաւ արդիւնքի հասնէին յաջորդ տարի»: Կը կարծեմ, որ նման հողադարձի մը կարիքը կայ: Կան նաեւ նման այլ ձեռնարկներ, երբ հողագործը առատ թրիք ու քակոր կը տեղադրէ հողին վրայ, որպէսզի աղտը դրական արդիւնք տայ, հողը կենդանացնէ: Աղտը մաքրութիւն կը գործէ: Այս երկու օրինակներն ալ, մէկը` ինքնապեղումով, միւսը` աղտին միջնորդութեամբ, կրնան կացութիւն փոխել: Մեզի ներսուզում կամ արտաքին աղտ պէտք է: Մեր սեփական աղտը իր բուժիչ յատկութիւնը կորսնցուցած է: Ներսուզման համար վայր չէ մնացած, խորովածի հոտը թափանցած է ամէն տունէ ու քունէ ներս: Ուրեմն զարթնումը կը մնայ անհրաժեշտ, Շնորհալիի «Զարթիք»-ով կամ Սասունցի Դաւիթի կանչով` ամէն մարդ թող ազատ զգայ, ամէն ոք իր ճաշակը ունի: Դուք կը խօսիք յեղափոխութեան մասին: Զարթօնքն ալ կապ ունի անոր հետ վստահաբար:

Կը տեսնէք, թէ պատերազմը մինչեւ ո՛ւր կը հասնի: Մեր դրան առջեւն է ան:

Այպանելու խնդիր մը դրած էք` Սուրիայէն հեռացողին ու հոն մնացողին միջեւ տարբերութիւնը շեշտելով: Բնական է, որ այդ տարբերութիւնը կայ ու պիտի ըլլայ, որ նման է, նոյնը չէ, դուրսինին ու ներսինին` իմ եւ ձեր միջեւ եղած տարբերութեան: Այպանումի խնդիր ես պիտի չուզէի դնել ընդհանրապէս, այլ, ճիշդ հակառակը, աւելի սերտացում` գացողի եւ մնացողի միջեւ, որովհետեւ այդ երկու կողմերուն միջեւ կապը սուրիական հայրենիքին իմաստն է, որ պիտի խորացնէ:

«Համազգային համախոհութեան» հարց կ’արծարծէք, «սրումներ», «բեւեռացումներ» իբրեւ այդ համախոհութեան հականիշ կը սահմանէք: Կը կարծէ՞ք, որ մեր բեմերուն վրայ այսօր անգիտակցաբար ծափահարուող մշակոյթի սպասաւորները «համախոհ» տարրեր եղած են մեծաւ մասամբ: Օրինակ, Պարոնեան կամ Օշական, քիչ թէ շատ ծափահարուած տիպարներ մեր գրականութենէն, կը կարծէ՞ք, որ համազգային խնդիրներու մտահոգութիւն չունեցող մարդիկ եղած են: Ընդհակառա՛կը: Բայց բեւեռացումներու գացած են, որպէսզի կարենան ազգայինին տալ տարբեր շեշտ ու խորք: Դուք զիրենք «մաքրակրօ՞ն», «այլախո՞հ», «զարտուղի՞», «ընդդիմադի՞ր» կը կոչէք. ազատ էք: Սակայն առանց այդ կարծեցեալ կամ իրական մաքրակրօնին, այլախոհին, զարտուղիին, ընդդիմադիրին` մշակոյթ կարելի չէ ունենալ: Այլախոհութեան բարիքին համը առնելու համար չի բաւեր, օրինակ, Պարոնեանի մը մասին ձեռնարկ կազմակերպել, ներկայ ըլլալ «հոծ բազմութեամբ», ինչպէս սովոր ենք գրել, ու ծափահարել, այլ` կարդալ մանաւանդ արտադրուած երկերը, սորվելու, հասկնալու, այսինքն` ներկային մէջ հոսեցնելու համար զանոնք, եւ տեսնելու համար, որ ճահիճը լքելու պայմաններ ու ձեւեր կան` մեզմէ շատ տասնամեակներ առաջ մտածուած:

«Համազգային համախոհութիւն», «Հայաստանը` ամէն բանէ վեր», «հայաստանակեդրոն մտածելակերպ» եւ նման ինքնին բարենպատակ լոզունգներ, գրաւոր կամ բերանացի, յաճախ կրկնուող, գաղափարախօսական սնանկութեան արդիւնք են: Մտածա՞ծ ենք երբեւէ թութակաբար կրկնուող այդ փակ յղացքներուն ու անոնց բացումին մասին: Այս յղացքներուն գէթ ուրուագծային բացատրութեան իսկ չեմ հանդիպած: Հայրենասիրութիւնը «հալած իւղ» կամ դեղահատ չէ, կը կարծեմ: Ժամանակն է, որ անդրադառնանք, եւ ասիկա` ի հաշիւ գալիք սերունդներուն մանաւանդ, որ լոզունգով ինքնութիւն չի կերտուիր: Աստուած իսկ, «խորին խորհուրդ»-ը, որ «ի վեր է քան զմիտս եւ զխորհուրդս», աստուածաբանութեան միջոցով առարկայ կը դառնայ գիտութեան: «Վեր եղող» բաները պէտք է մէյ մը վար առնել, մեր յարաբերութիւնը ճշդելու համար անոնց հետ: Քանակային, որակային ու այլ իմաստներով այսօր Հայաստանը հայութեան կեդրոնը չէ, ուզենք կամ չուզենք, եւ ես վստահ չեմ, որ այդ կեդրոնը ըլլալու որեւէ կարելիութիւն ունի՞ ապագային: Հոգեբանութեան մէջ փափաքը իբրեւ իրականութիւն կը թարգմանուի տեղ մը, իրականութիւնը մեր փափաքներուն կառուցումն ու պատասխանն է տեղ մը: Այդ տեղը, սակայն, ամէն անգամ կարելի չէ ըլլալ: Հայկական պետականութիւնը ուժեր համախմբելու հայրական ու պետական արժանիքը զարգացնելու հասունութեան հարկ է որ ձգտի, եւ այսօրուան վիճակը այդ մէկը ցոյց չի տար դժբախտաբար` հակառակ համախմբումի անունով կատարուած բոլոր մակերեսային հանդիպումներուն: Բարեբախտաբար համացանցի այս դարուն կրնանք ամէն ձեռնարկի հետեւիլ ծայրէ ծայր ու լաւ տեղեակ ենք, թէ ի՛նչ կը պատահի այդ հանդիպումներուն ընթացքին: Դրամահաւաքով պետականութիւն կարելի չէ ամրացնել, մանաւանդ երբ դրամին ճամբան ալ յստակ չէ: Այնքան ատեն որ սփիւռքը իր բազմակի կարողականութեամբ լուրջի չէ առնուած, անոր կապը Հայաստանին հետ պիտի մնայ անորոշ, նոյնիսկ` անկարելի: Սփիւռքը լուրջի կ’առնուի այն ատեն, երբ ան իբրեւ սփիւռք  ներկայութիւն է Հայաստանի մէջ` իր մշակութային, գիտական, քաղաքական ներդրումով, որ ունենալու է նաեւ իր արտադրումը:

Խօսքին անհրաժեշտութիւնը մեր հայկական ընկերութեան մէջ գրեթէ աւելորդ կը համարուի, դուք ալ կը յիշէք իրաւամբ, ես ըսեմ` «պարապ վախտի խաղալիք» է ան, որովհետեւ գործին հակառակն է` ըստ մեր տտիպ համոզումներուն: Երախտապարտ եմ, որ անոր անհրաժեշտութիւնը դուք կը տեսնէք: Վերջին ձեր հարցումը` ինչո՞ւ հիմա՛, պատերազմին ատեն ո՞ւր էիք: Ան, որ խօսքին անհրաժեշտութեան անդրադարձը ունի, կրնայ նաեւ հասկնալ, որ անոր ժամանակը, առաջն ու յետոյն ինքնաստեղծ են, կամ` ժամանակաստեղծ. ընտրեցէք` ըստ ձեր ճաշակին: Եւ անշուշտ, գիտէք, ես կը խօսիմ… խօսքի՛ն մասին: Մաղթանքս պիտի ըլլայ, որ նաեւ ձեր թերթին մէջ անոր տեղը բացուի, լայննայ, որպէսզի անոր դերը աւելի յստականայ: Պատերազմները կու գան ու կ’երթան, սակայն ներսի ու դուրսի խօսքը, հանդիպող ու զօրացող, կը մնայ: Խօսքը չի սրբուիր: Խօսքը ստեղծարար է:

 

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.-  Ուրախ եմ, որ անկաշկանդ կը խօսիք, կը քննէք` մեր մշակութային ու ազգային հաւաքական արժէքներու ձեր հաւատարմութենէն ու նախանձախնդրութենէն մեկնելով:

Կը բաժնեմ ձեր այն տեսակէտը, որ հեռու պէտք է մնալ ամէն բան վարդագոյն տեսնելու, մեր փոքր յաջողութիւնները ուռուցիկ ներկայացնելու վատառողջ մօտեցումներէ: Սակայն մեր քննարկումներուն մէջ պէտք է նկատի առնենք նաեւ հարցերուն այլ երեսները:

Ձեր արծարծած հարցերը համահայկական հարցեր են: Սփիւռքի պարագային, սակայն, ներկայ կացութիւնը հետեւանք է նաեւ հայրենազուրկ դարձած ըլլալու մեր իրավիճակին: Արեւմտահայերէնը հայրենազուրկ լեզու դառնալով` աւանդուած է միայն լեզուի ու գրականութեան դասանիւթերով, իսկ դպրոցներէն ներս այդ նիւթերու դասաւանդումը սակաւաթիւ ուսուցիչներու կողմէ միայն ճեղքած է դասի սահմանը եւ աշակերտին` հայերէնի գործածութեան համը տուած, զինք կարդալու, պրպտելու, լեզուն կատարելագործելու մղած:

Գրականութեան կողքին, գիտութեան կամ արուեստի ոլորտներով հետաքրքրուող աշակերտները արեւմտահայերէն համապատասխան գրականութիւն չեն գտած` կարդալու ու իրենց մայրենին անոնց ընդմէջէն եւս զարգացնելու համար: Արեւմտահայերէնը մեզի ծանօթ պատճառներով քայլ չէ պահած ժամանակի բոլոր պահանջներուն հետ: Իսկ մեր կրթական մարմինները, միութիւնները տարիներ շարունակ այս հարցերուն լուծման ուղիներ չեն որոնած, այլ բաւարարուած են որդեգրուած ձեւերը կրկնելով:

Սուրիոյ մէջ, օրինակ, աշակերտը իր ուսումնական բոլոր նիւթերը օտար լեզուով կը սորվի, հայերէնաւանդութիւնը սահմանափակուած է լեզուի ու գրականութեան պահերով: Իսկ գիտութեան կամ արուեստի նիւթերով հետաքրքրուող աշակերտները, եթէ ուզեն յագուրդ տալ իրենց հետաքրքրութիւններուն, ի՞նչ պիտի կարդան… եթէ չկան արեւմտահայերէն գիտական համապատասխան գիրքեր: Անոնք ստիպուած` պիտի դիմեն արաբերէն կամ անգլերէն գիրքերու, լաւագոյն պարագային` արեւելահայերէն գիրքերու, եւ հետզհետէ անոնց լեզուն եւ գրիչը պիտի սնանին արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի խառնուրդով մը` աւելի վատթարացնելով կացութիւնը:

Այս դժուարութիւնը մասամբ յաղթահարելու համար, այո՛, ճիշդ էք, քով-քովի պէտք է գալ, տագնապիլ, ինքնանորոգումի ուղիներ որոնել: Բայց ո՞ւր են այդ տագնապողները այսօր, երբ տիրողը անտարբերութիւնն է:

Լեզուն, սակայն, պէտք է ճոխացնել, անոր գործածութիւնը ժողովրդականացնել նաեւ, այդ մէկը կարելի էր ընել` թարգմանական աշխատանքներուն թափ տալով, մասնագիտական բառարաններ ու գիրքեր հրատարակելով եւ արեւմտահայ մեր մշակոյթը կենդանացնելով: Հայաստան, որ ունի պետական կարելիութիւններ, սփիւռքահայ մտաւորականներուն հետ գործակցաբար մեծ դեր կրնայ ունենալ այս փրկարար գործին մէջ` արեւմտահայ նման հրատարակութիւններու պատրաստութեան նպաստելով (անկախ այն իրողութենէն, որ այնտեղ եւս կան լեզուական հարցեր): Արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը ոչ միայն պիտի վերանորոգէ սփիւռքահայ մեր սերունդները, այլեւ պիտի հարստացնէ մեր ազգային մշակոյթը` իր նիւթերու բազմազանութեամբ:

Նախորդ տարիներուն սուրիահայ վարժարաններէն ներս համեստ փորձ մը կատարուեցաւ այս ուղղութեամբ. պատրաստուեցան հայերէնի նոր դասագիրքեր, որոնք, գրականութեան եւ քերականութեան կողքին, կ’ընդգրկէին իւրաքանչիւր կարգի գիտական նիւթերուն, ինչպէս նաեւ հայ արուեստին (թատրոն, երգ, պար, կերպարուեստ) վերաբերող բառամթերք:

Միութիւններն ու ակումբներն ալ մեծ դեր ունին մայրենին կենսունակ պահելու առաքելութեան մէջ: Եթէ իւրաքանչիւրը իր մարզին մէջ հայ պատանին մղէ կարդալու, պրպտելու, կազմակերպուած իւրաքանչիւր ձեռնարկի ընդմէջէն մեր պատմութեան, մշակոյթի գանձերուն ծանօթանալու, անոնց հմայքն ու հարազատութիւնը զգալու եւ զանոնք իր առօրեային անբաժան մէկ մասնիկը դարձնելու, պիտի կարենայ զայն կառչած պահել իր մշակութային արժէքներուն` գոյութիւն ունեցող բոլոր դժուարութիւններուն լոյսին տակ անգամ: Մեր միութիւնները ձեռնարկներ կազմակերպելով պէտք չէ բաւարարուին: Անոնք պէտք է վերածուին մշակութային դպրոցներու:

Հողադարձի մասին կը խօսիք: Պատերազմը ի՛նք այդ հողադարձը կատարեց` խորապէս ցնցելով մեր էութիւնը, քննութեան ենթարկելով մեր դիմադրականութիւնը, ու պահ մը ապրեցանք հայկականը կորսնցնելու վտանգը, վախը, բայց չկորսնցուցինք զայն: Այժմ, երբ խաղաղութիւնը տիրող դարձաւ այլեւս, անբացատրելի ուժ մը կը զգանք մեր երակներուն մէջ ու այդ ուժը պահպանուածը զօրացնելու կրնանք ծառայեցնել, եթէ ծրագիր եւ աշխատելու կամք ունենանք:

Լրջութեան այս նոյն մօտեցումը պէտք է ունենանք թերթին նկատմամբ: Անսխալ ուղղագրութեամբ թերթ մը հրատարակելը հազուադէպ երեւոյթ դարձած է, այո՛: Այսօր շատեր, ցաւօք, հայերէն թերթը լոկ քարոզչութեան կամ լրատուութեան աղբիւր կը համարեն, յատկապէս` լրատուական բաց համակարգի այս ժամանակաշրջանին, երբ վայրկեան առ վայրկեան թարմ լրատուութիւնը հասանելի կը դառնայ ու լրատուադաշտի յորձանուտին մէջ կը ներքաշէ ընթերցողը` մոռնալով յաճախ, որ թերթը գրիչ ու միտք պատրաստելու, լեզու կատարելագործելու կարեւորագոյն գործարանն է: Եթէ այս գիտակցութիւնը ձեւաւորուի, յոյս կ’ունենանք, որ այդ ձեւաւորման ինքնաբերաբար կը յաջորդէ բծախնդիր ու պատասխանատու աշխատանքը:

Գաղութի մեր պատասխանատուները մարդուժի պատրաստութեան գործարաններ ստեղծելու հեռատեսութիւնը ունեցած են, բայց անոնց որակային արդիւնաւէտութիւնը հարկ եղած հետապնդումին չէ արժանացած:

Ի՞նչ է ձեր անունը` կը հարցնէք: Ես կամ մենք պիտի չճշդենք այդ անունը: Յետպատերազմեան սերունդն է, որ պիտի ճշդէ: Բայց ինչպէ՞ս տոկաց գաղութը, ինչպէ՞ս դիմացաւ, որո՞նք էին սուրիահայութեան դիմադրութեան յենարանը կազմող այդ անխախտ սիւները:

Գլխաւորը հաւատքն էր` մեր ստեղծած հայկական այս աշխարհին հանդէպ, ապա, եւ աւելի կարեւորը, վստահութիւնը, կը կարծեմ, բոլոր մակարդակներու վրայ: Երբ աշակերտը դպրոց կը յաճախէ պատերազմի ամէնէն անապահով օրերուն ու իրենց պատուանդանին վրայ կանգնած կը տեսնէ տնօրէնը, ուսուցիչը, դաստիարակը, դպրոցին նկատմամբ իր վստահութիւնը կ’ամրապնդուի: Երբ հայ երիտասարդը, ռումբերու տարափին տակ, տուն, տեղ, աշխատանք թողած` ազգային կառոյցները կը պաշտպանէ ու իր քովը կանգնած կը տեսնէ իր հրամանատարը, իր պատասխանատուն, վստահութիւնն է, որ զինք տոկուն կը պահէ: Երբ յուսալքումի գագաթնակէտին հասած հալէպահայը աղօթքին ապաւինելով` եկեղեցի կ’ուղղուի ու խորանին վրայ անսասան կանգնած իր առաջնորդը կը տեսնէ, յուսահատութիւնը մէկդի կը շպրտէ: Երբ ահաբեկիչներու կողմէ պաշարուած, սնունդէ եւ ջուրէ զրկուած յոգնաբեկ մարդիկ մշակութային սրահ կը փութան ու բեմին վրայ նոյն պայմաններուն մէջ ապրող, բայց մշակութային մեր գանձերով ոգեւորուող երիտասարդներ կը տեսնեն, գոյատեւելու իրենց վճռակամութիւնը կ’ամրապնդեն: Երբ փլատակներուն տակէն դուրս բերուող վիրաւորը զինք փրկելու փութացող հայ տղոց երկարած ձեռքը պինդ կը բռնէ, վստահութեամբ կը վերադառնայ կեանքին եւ, վերջապէս, իրենց զաւակներէն իսկ լքուած մամիկ-պապիկները կամ Պատսպարանի սաները, երբ զիրենք խնամելու պատրաստ կամաւոր հայ կիներուն ու երիտասարդներուն նուիրական աշխատանքը կը տեսնեն, վստահութեան ներքին փայլ մը կը ցոլայ անոնց աչքերուն մէջ:

Փոխադարձ վստահութեան այս մթնոլորտը գաղութի մեր հայկական կեանքը իւրայատուկ ջերմութեամբ օժտած է: Ահա թէ ինչո՛ւ Հալէպի խաղաղութեան հաստատումէն ետք վերադարձողներ կը տեսնենք`, հակառակ շարունակուող կարգ մը դժուարութիւններուն: Վստահութեան բացակայութիւնը աւերներ կը գործէ, կ’ըսուի յիրաւի… Իսկ այստեղ` Հալէպի մէջ, պատերազմին քանդածը կը վերակառուցուի վստահութեան մթնոլորտին շնորհիւ: Կը տեսնէք, չէ՞, թէ ինչե՛ր կրնան յառաջանալ վստահութեան մթնոլորտի ներկայութեան ու բացակայութեան: Վստահութեան մթնոլորտը կրնայ արտագաղթ կասեցնել, փտածութիւն վերացնել, յառաջդիմութեան ու բարօրութեան թափ տալ նաեւ մեր հայրենիքէն ներս, եթէ անվերապահօրէն ձեւաւորուի:

Այպանումի մասին կը խօսիք: Այպանումի հարց չէ, որ կը դնենք, այլ մօտեցումները յստակացնել եւ մեկնաբանել կը փորձենք: Մենք միասնաբար պէտք է ամրապնդենք դուրսի եւ ներսի կամուրջները: Ահա այս է մեր իսկ զրոյցին նպատակը: «Գանձասար»-ի  յօդուածներուն տակ դրուած ստորագրութիւնները, ներսի եւ դուրսի գրիչներուն հանդիպումը անոր էջերուն վրայ, այս նպատակին կը ծառայեն:

Ձեր ըսածին հիման վրայ վար առնենք վեր գտնուող սրբութիւնները պահ մը եւ մեր զրոյցը տեսականէն գետնի վրայ արձանագրուող զարգացումներուն փորձենք մօտեցնել:

Այլախոհն ու ընդդիմութիւնը բնականաբար միշտ ներկայ պիտի ըլլան իրենց խօսքով ու գործով, մեր գոյութիւնը երաշխաւորող էական հարցերու շուրջ համախոհութիւն գոյացնելը չի նշանակեր ամէն հարցի մէջ համախոհ ըլլալ ու նոյնանման մտածել, սա ճահիճի մէջ խրուիլ պիտի ըլլար իրաւացիօրէն: Բայց էական հարցեր կան, որոնց շուրջ մեր համախոհութիւնը աւելի ուժեղ կը դարձնէ մեզ, այնքան` որքան տարակարծութիւնն ու կարծիքներու բազմազանութիւնը այլ հարցերու մէջ: Այդ հիմնահարցերուն մաս կը կազմեն, օրինակ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումն ու հատուցումը, Արցախի հարցը: Էականը բոլոր կողմերուն միջեւ (սփիւռք-հայրենիք, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն) ճիշդ ու վստահելի յարաբերութեան եղանակ ստեղծելն է, որպէսզի կարենանք ճիշդի՛ն համար եւ ոչ թէ իրարու դէմ պայքարիլ: Մէկը միւսին գոյութիւնը արհամարհելու կամ չէզոքացնելու իրաւունք չունի: Բոլորը պէտք է կարենան ապրիլ ու զարգանալ, անկախ այն բանէն, թէ ո՞վ զո՛վ ճիշդ կը գտնէ, զո՞վ` սխալ: Հայրենիքը մեր սերունդներուն համար ներշնչումի աղբիւր է վերջապէս, պետական երիտասարդ գոյութիւն մը, որուն պէտք է գուրգուրալ, իւրաքանչիւրը իր ոճով, իր ըմբռնումի ձեւով: Թէ այդ պետութիւնը որքանո՞վ հայրութիւն կ’ընէ իր զաւակներուն, որքանո՞վ համընդհանուր շահերուն մասին կը մտածէ, որքանո՞վ հայութեան կեդրոնը դառնալու պայմաններ կը ստեղծէ` քննարկելի հարցեր են, որոնք սակայն չեն նսեմացներ անկախ հայրենիք ունենալու մեր առաւելութիւնը:

Մեր թերթին մէջ խօսքին, շահեկան խօսքին լայն տեղ տալու տրամաբանութեամբ կը գործենք: Աւելի՛ն. թերթին ճամբով, խօսքին ճամբով նոր հորիզոններ բանալ կը փորձենք: Մեր այս փորձն ալ կը նպաստէ, պիտի նպաստէ վերը յիշուած խանդի, եռանդի խթանումին, որովհետեւ հաւատք ունեցողն է, որ ճիգ կը թափէ` խօսելու, կացութիւն բարեփոխելու, յուսահատութեան ակնարկելով, յոյսին ծնունդ տալու: Խօսքը, վերջապէս, կ’օգնէ համոզում գոյացնելու, մանաւանդ` պատերազմական միջավայրի մէջ, մարդկային ու ոգեղէն արժէքներու տապալման փորձերուն ականատեսը դարձող զանգուածներուն մօտ:

Չէ՞ք կարծեր, որ խօսքը կը խթանէ ընթերցող եւ գրող մարդուժի պատրաստութիւնը նաեւ:

(Շարունակելի)

Խոհեր` Մայրենի Լեզուի Օրուան Առիթով. Երբ Հայ Մայրը Իր Զաւակէն Կը Հեռացնէ Հայերէնը (21 Փետրուար)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Տարիները որքան մեզ հեռու պահեն մեր հայրենիքէն, այնքան արագ պիտի այլասերին հայ սերունդներ: Սա ճշմարտութիւն է, մարգարէական խօսք ըլլալէ առաջ: Սա ինքնաճանաչման եւ զգօնութեան հրաւէր է, մեղադրանք ըլլալէ առաջ:

Սակայն ինչո՞ւ նմանատիպ յորդորներ մեզ կը հալածեն այսքան ատենէ, ինչո՞ւ կը տարուինք մեղադրանքներու տարափ իջեցնելով հայ իրականութեան գլխուն: Իրականութիւն, որ կոչուած է ըլլալ հայ սփիւռք(ներ), գաղթաշխարհ եւ օտարութիւն:

Ու ամէն առիթի կը շարունակենք վանկարկել այն տխուր մտածումը, թէ հայ ծնողքը վաղուց յանձնուած է զինք շրջապատող օտարամոլական երեւոյթներու, բարքերու եւ մտայնութիւններու, թէ` այլեւս հայ վարժարանին վիճակուած դերն ու առաքելութիւնը դադրած է իր իմաստէն, թէ` հայ դաստիարակի դարաւոր կերպարը ենթարկուած է աղաւաղումի, թէ` հայոց մեսրոպաշունչ տառերը կորսնցուցած են իրենց հմայքը, թէ` ինքնութեան հնչեղութիւնը տակաւ շիջած է, թէ` հայը հա՛յ պահող ամէն արժէք իմաստազրկուած է նորահաս սերունդին մօտ, թէ` մշակութային ամէն հարստութիւն եւ նուաճում կը դիտուի որպէս անցողակի արտայայտութիւն:

Բնական է, որ ապրող ազգեր դիմագրաւեն ժամանակակից կեանքի դառն ու տհաճ դժուարութիւններ, գտնուին ահաւոր պայմաններու դէմ-յանդիման, ստիպուին դուրս գալ սեփական պատեանէ եւ նետուիլ օտարոտի յորձանուտերու մէջ, պարզապէս որովհետեւ արհեստագիտութեան պարտադրանքներն ու արդի կեանքի աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները ոչ ոքի կը խնայեն:

Այդուհանդերձ, անոնք աւելի քան երբեք կառչած կը մնան իրենց մայրենիին, իրենց առօրեայ կեանքը կ՛իմաստաւորեն սեփական լեզուի հարստութեամբ եւ մշակութային ինքնուրոյնութեամբ:

Սակայն անբնականը այն է, որ դարերու խորերէն առկայծող, սեփական լեզու, դիմագիծ, պատմութիւն եւ մշակոյթ ունեցող ազգ մը, այս պարագային հայութիւնը, կը գտնուի ամենադժուարին պայմաններու մէջ, ոչ թէ անոր համար, որ չունի նիւթական թէ տնտեսական կարելիութիւններ, պետութիւն եւ քաղաքական հարթակ, այլեւ իբրեւ ազգ-պետութիւն կ՛ապրի խարխափումի շրջան մը, ինքնահաստատման, կայացման ու ինքնադրսեւորման դժուարին պահեր:

Ըսուածին լաւագոյն ապացոյցը վերոնշեալ երեւոյթն է, հայ կեանքի ամէնէն դաժան իրականութիւնը, երբ հայ մայրը իր զաւակը կը հեռացնէ հայ վարժարանէն, այսինքն` մայրենիէն եւ ինքնութենէն: Սա ոճիր է, ինքնասպանութեան մէկ այլ ձեւ եւ ստորին արարք:

Չենք ուզեր խօսիլ Արեւմտեան կողմն աշխարհի հայ կեանքի պարզած տխուր վիճակին մասին, հակառակ տարուած գնահատելի հայապահպանման բազմապիսի աշխատանքներու: Միջինարեւելեան հայ կեանքի տարբեր ոլորտներ սկսած են ահեղ ձեւով տուրք վճարել ապահայացնող երեւոյթներու, որոնք այլապէս ալ պատճառ կը դառնան ներքին ուժականութեան ջլատման:

Փաստօրէն ինչպիսի՞ բացատրութիւն տալ այն ողբերգական վերաբերումին ու մօտեցումին, երբ հայ վարժարան աւարտած, ազգային գիտելիքներով հասակ առած հայ մայր մը իր զաւակը կը յանձնէ օտար վարժարանի հոգատարութեան, կ՛ապաւինի անոր ջամբած օտարոտի, բայց «բարձր» կրթութեան, եւ ժամանակ մը ետք, այսպէս ասած, մեղայի գալով կը փափաքի նոյն զաւկին հայերէն սորվեցնել` զայն ուղարկելով կիրակնօրեայ դպրոց:

Ա՛լ չենք խօսիր քանի մը հազար հաշուող (ի Լիբանան) հայ աշակերտներու մասին, որոնք կը յաճախեն պետական թէ սեփական օտար վարժարաններ:

Պահը հասած է ո՛չ միայն ահազանգ հնչեցնելու, այլ կատարուած ահաւոր ու անդարմանելի ողբերգութեան մասին շատ լուրջ մտածելու եւ համապատասխան իրաւ միջոցներ որդեգրելու:

Յապաղած ենք, բայց դեռ կը շնչենք, տկարացած ենք, բայց դեռ մեր սրտերը կը բաբախեն: Մեծախօսիկութիւնը մեզ չի կրնար փրկել, այլ` գիտականացած, անկեղծ ու հաստատութենական մտածողութիւնը:

15 փետրուար 2018    

 

Անդրադարձ. Արեւմտահայերէնը, Մայրենի Լեզուի Օրը Եւ Բառարանները

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Միջազգային Մայրենի լեզուի օրը կը յիշատակենք 2000 թուականէն ի վեր` զօրակցելու եւ քաջալերելու համար բազմալեզուականութիւնը աշխարհի տարածքին, նաեւ` պաշտպանելու եւ պահպանելու բոլոր մայրենի լեզուները:

Յիշատակութեան օր ընտրուած է փետրուար 21-ը` ճանչնալու համար 1952-ի «Պանկլատէշի պենկալերէն լեզուի շարժումը»-ը, ի յիշատակ այդ օր Տաքայի մէջ լեզուի ազատութեան համար շարժումին կատարած ցոյցին ընթացքին ինկած զոհերուն:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ 1999-ի նոյեմբերին տրուած որոշումը կոչ կ՛ուղղէր անդամ երկիրներուն. «Քաջալերել, հետամուտ ըլլալ` պաշտպանելու եւ պահպանելու բոլոր լեզուները, որոնք կը գործածուին աշխարհի ժողովուրդներուն կողմէ» (1):

Արեւմտահայերէնը պաշտպանելու եւ պահպանելու համար պէտք է նկատի առնենք հետեւեալ իրականութիւնները.

Ա.- Մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւն` 1915-1922, ընդհանրապէս արեւմտահայերէնի գործածութեան եւ ստեղծագործութեան հիմնական կեդրոններ եղած են` Հայ եկեղեցին, Արեւմտահայաստանը, Կիլիկիան, Կոստանդնուպոլիսը, Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւնները, իսկ Ցեղասպանութենէն ետք` Սուրիան, Լիբանանը եւ Եգիպտոսը:

Բ.- 1958-1967 Միջին Արեւելքի մէջ պատահող պատերազմներուն պատճառով արեւմտահայերէնին տիրապետած, Ցեղասպանութենէն փրկուածներուն եւ անոր յաջորդող առաջին սերունդին կարեւոր մասը, ներառեալ` հայերէնի ուսուցիչներ եւ դաստիարակներ, գաղթեցին հեռաւոր երկիրներ, յատկապէս` Եգիպտոսէն եւ Սուրիայէն: Աւելի ուշ` նաեւ Լիբանանէն:

Այս սերունդը տասնեակ տարիներ ետք իր նոր գաղութներուն մէջ կրցաւ դպրոցներ հաստատել, սակայն այդ հսկայ տարածութեամբ երկիրներուն մէջ եւ օրէ օր բազմացող նոր «գաղթականներուն» զաւակներուն թիւին համապատասխան կարելի չեղաւ նոր դպրոցներ հիմնել` հայոց լեզուի եւ արեւմտահայերէնի ուսուցումը եւ գործածութիւնը ապահովելու համար:

Մինչ այս, արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն թիւը սկսաւ նուազիլ, եւ օտար վարժարաններ յաճախելը կարգ մը երկիրներու մէջ վերածուեցաւ բնական երեւոյթի` հայկական վարժարաններու բացակայութեան, կամ հեռաւորութեան պատճառով: Նոյնի՛սկ Լիբանանի մէջ օտար վարժարան յաճախողներուն թիւը տարուէ տարի կ՛աւելնայ, եւ հայկական վարժարաններ կը փակուին, այս «մայր» կամ «կեդրոնական» գաղութին մէջ…

Գ.- Տարիներ առաջ, մինչեւ 1970-ական թուականներու կէսերը, սփիւռքի մէջ ընդհանրապէս արեւմտահայերէնն էր, որ կը գործածուէր: Սակայն, երբ հայերու զանգուածային արտագաղթը սկսաւ Իրանէն եւ Հայաստանէն, նաեւ` այժմու շարունակուող արտագաղթը վերանկախացած Հայաստանէն, արեւելահայերէնի եւ խորհրդային հայերէնի գործածութիւնը հասաւ նաեւ սփիւռքի հին ու նոր գաղութներ` աւելցնելով եւ կուտակելով լեզուական դժուարութիւնները արդէն իսկ վտանգուած արեւմտահայերէնին անաղարտ գործածութեան եւ պահպանումին: Փաստօրէն սփիւռքի մէջ միօրեայ վարժարաններ կան, ուր Հայաստանէն արտագաղթած ուսուցիչներ աբեղեանական ուղղագրութեամբ եւ հայաստանեան դասագիրքերով հայոց լեզու կը դասաւանդեն…

Այս տարաբնոյթ կացութեան եւ դժուարութիւններուն մէջ ունինք բնագաւառ մը, որ կը հանդիսանայ արեւմտահայերէնի գործածութեան շարունակականութիւնը ապահովող գրեթէ միա՛կ կռուանը` արեւմտահայերէն օրաթերթերը, մամուլը: Հետեւաբար մամուլը նա՛եւ արեւմտահայերէնի պահպանութեան եւ պաշտպանութեան առօրեայ ռազմադաշտը կը հանդիսանայ եւ պէտք է արժանանայ համապատասխան ուշադրութեան եւ խստապահա՛նջ մօտեցումի:

Հրաշալի երեւոյթ է, որ արեւմտահայերէնի «պարտադիր» առօրեայ գործածութիւնը կը շարունակուի սփիւռքի մէջ` շնորհիւ մեր բոլոր օրաթերթերուն, տպագիր, կամ համացանցային: Սակայն այս օրաթերթերուն բովանդակութեան արդեօք քանի՞ տոկոսը արեւմտահայերէն է, իսկ այդ «արեւմտահայերէն» բովանդակութեան արդեօք քանի՞ տոկոսը անսխալ, կամ զերծ է զանազան օտարամուտ բառապաշարէ, ոճէ, լեզուամտածողութենէ, ներառեալ` խորհրդային կամ «արդի երեւանեան» բառապաշարէն, որուն բառերուն մէկ մասը, տարօրինակօրէն, նոյնի՛սկ որեւէ բառարանի, ներառեալ «խորհրդային»-ին մէջ չի գտնուիր:

2005 թուականին սկսաւ գործել այլ հրաշալի լեզուական վերագրութիւն, ապաւէն-գործիք մը` համացանցային «Նայիրի» առաջին արեւմտահայերէն բառարանը` շուրջ 17500 բառով: Տարուէ տարի զարգանալով` այժմ կայքէջը կը հաշուէ 107 բառարաններ, որոնց հինգը թուայնացուած` 220.527 գլխաբառ եւ ասացուածք, իսկ մնացեալը պատկերահանուած` 99.470 էջ,  գոյութիւն ունեցող գրեթէ բոլոր բառարաններէն (2): Այլ խօսքով, թուայնացուած բառարանը ուղղակի որոնուած բառին իմաստը, հոմանիշները կամ թարգմանութիւնը ցոյց կու տայ, իսկ պատկերահանուածը` այն էջը, ուր բառը կը գտնուի (3): Այս բառարանները կը ներառեն հայերէնի բոլոր ճիւղերը, նաեւ` օտար լեզուներ:

Իբրեւ արեւմտահայեր` մեր պարտականութիւնը եւ պարտաւորութիւնն է մեր սեփականութիւնը եղող շուրջ 60 հազար հաշուող բառամթերքով արեւմտահայերէն լեզուն պահպանել եւ պաշտպանել ամէն տեսակի ոտնձգութիւններէ` լեզուամտածողութիւն, ոճ եւ մա՛նաւանդ օտար բառապաշարէ, ներառեալ` արեւելահայերէն կամ «Երեւանեան» բառապաշարէ:

Համացանցի միջոցով պարագայական կերպով կը կարդանք գրեթէ ամբողջ արեւմտահայ մամուլը, եւ պէտք է հաստատել, որ անոնց մեծամասնութիւնը ինկած է «հայաստանեան» լեզուական թակարդին մէջ: Նաեւ անոնք կ՛արտատպեն հայրենի աղբիւրներէ լուրեր եւ յօդուածներ, երբեմն նոյնիսկ` աբեղեանական ուղղագրական սպրդումներով:

Միւս կողմէ, սակայն, երբեմն իսկապէս ուրախութեամբ կը վայելենք մաքուր եւ ջինջ արեւմտահայերէնը, օրինակի համար, Թարգմանչաց տօնին առիթով, Գահիրէի «Յուսաբեր» օրաթերթի 14 հոկտեմբեր 2017-ի խմբագրականը` «Գտնե՛լ, ձեւակերպե՛լ, կենսաւորե՛լ, տարածե՛լ կեանքի հայոց բանաձեւը» (4): 1164 արեւմտահայերէն բառեր, ոճ եւ լեզուամտածողութիւն` ոչ մէկ սայթաքում «հայաստանեան» կամ այլ օտար բառամթերք գործածելու:

Ստորեւ` արեւմտահայերէնի մէջ անտեղի կերպով գործածուող բազմաթիւ «հայաստանեան» բառապաշարէն օրինակներ, որոնց արեւմտահայերէնը գոյութիւն ունի, եւ անոնց որոնումի արդիւնքը արեւմտահայերէն բառարաններուն մէջ, յաջորդաբար նշելով օգտագործուած բառարանները` Ա, Բ եւ Գ:

1.- Այնուամենայնիւ= բայց եւ այնպէս – Արդի հայերէնի բացատրական բառարան, Էդուարդ Բագրատի Աղայեան:
Ա.- Հայերէնի ուղղագրիչ բառարան` «այնուամենայնիւ» բառը չգտնուեցաւ:
http://www.nayiri.com/search?l=hy_LB&dt=HY_HY&r=0&query=այնուամենայնիւ
Բ.- Հայոց լեզուի նոր բառարան` http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=8&dt=HY_HY&query=այնուամենայնիւ բառը չգտնուեցաւ:
Գ.- Բառարան գանձարան հայերէն լեզուի` http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=10&dt=HY_HY&query=այնուամենայնիւ բառը չգտնուեցաւ:

2.- Բեկումնային = ուղղութիւն փոխող կամ կարեւոր, յատկանշական, զգայացունց:
Ա.- «բեկումնային» բառը չգտնուեցաւ:
Բ.- «բեկումնային» բառը չգտնուեցաւ:
Գ.- «բեկումնային» բառը չգտնուեցաւ:

3.-  Reportage = արական – գոյական – տեղեկատուական յօդուած, ակնարկ, թղթակցութիւն: (Յարութիւն Քիւրքճեան, «Գործնական բառարան ֆրանսերէնէ հայերէն»):

4.-  Թողարկում = հրապարակում
Ա.- «թողարկում» բառը չգտնուեցաւ:
Բ.- Արեւելահայերէն` արտադրութիւնը գործարանէն դուրս հանել` շուկայ իջեցնել:
Գ.- «թողարկում» բառը չգտնուեցաւ:

5.-  Առաջնային = առաջնութիւն, նախորդութիւն, առաջին, սկզբնական, նախնական:
Ա.- «առաջնային» բառը չգտնուեցաւ:
Բ.- «առաջնային» բառը չգտնուեցաւ:
Գ.- «առաջնային» բառը չգտնուեցաւ:

6.-  ֆինանսական = դրամական, նիւթական:
Ա.- «ֆինանսական» բառը չգտնուեցաւ:
Բ.- «ֆինանսական» բառը չգտնուեցաւ:
Գ.- «ֆինանսական» բառը չգտնուեցաւ:

7.- Պահանջարկ = պահանջ, պահանջք:
Ա.- «Պահանջարկ» բառը չգտնուեցաւ:
Բ.- «Պահանջարկ» բառը չգտնուեցաւ:
Գ.- «Պահանջարկ» բառը չգտնուեցաւ:

8.- Հաշուարկ = հաշիւ ընել, հաշուել: «Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատրական բառարան»:
Ա.- «հաշուարկ» բառը չգտնուեցաւ:
Բ.- «հաշուարկ» բառը չգտնուեցաւ:
Գ.- «հաշուարկ» բառը չգտնուեցաւ:

Տեսնել նաեւ` «Արեւմտահայերէնին տէր կանգնինք. մայրենի լեզուի օրուան առիթով» (5), «Առյաւէտ կորսնցուցինք արեւմտահայերէնի պահապաններէն Տիրան Աղազարեանը» (6), «Արեւմտահայերէնը` խօսիլ, գրել, կարդալ. համակարգիչը Եւ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը» (7), «Հայաստան-սփիւռք փոխադարձ ճանաչողութեան մասին եւ հայոց լեզուն» (8), «Կոչ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան` «հայացնելու» կառավարութեան նախարարութիւններուն անունները» (9), «Հայերէնը պահպանելու եւ վերականգնելու գործնական առաջարկներ» (10), «Արեւմտահայերէնը պահպանելու գործնական միջոցներու որոնում» (11):

«Ազդակ»-ի 29 դեկտեմբեր 2017-ի խմբագրականէն` «Խմբագրական. տարեփակի խոհեր (Ե.) մեր մօտեցումները» (12) կը մէջբերեմ.

«Մեր խմբագրականներուն եւ առաջնորդող ակնարկներուն յատկանիշը ընդհանրապէս քաղաքագիտական-վերլուծաբանական է: Նման գրութիւններ ընդհանրապէս նկատի կ՛ունենան մասնագիտական բառապաշարի օգտագործումը: Եւ երբ տուեալ եզրաբանութեան համարժէք բառը հայրենիքի մէջ կատարուած բառակերտումներով կը հայանայ, այդ պարագային, մեր ըմբռնումով, որեւէ արգելք չկայ զայն արեւմտահայերէնի մէջ եւս օգտագործելու: Բոլորիս համար պարզ է, որ լեզուն զարգացող հասկացողութիւն է, եւ երբ արեւմտահայերէնը չունի համապատասխան եզրաբանական գերատեսչութիւն, որ բառակերտում կատարէ, այդ պարագային պէտք է օրինաչափ նկատել հայրենիքի մէջ գործածուածը եւ զայն ներածել արեւմտահայերէնի մէջ: Այս մէկը լեզուագիտական գիտաժողովի նիւթ է եւ չի կրնար ամփոփուիլ այս սիւնակի սահմաններուն մէջ:

«Չենք ժխտեր, որ աքիլեսեան կրունկը կը շարունակէ մնալ լեզուական խնդիրը. միաժամանակ սակայն, պէտք է այստեղ նշել, որ լեզուագիտական մարզին մէջ հեղինակութիւն եղողի մը կատարած սրբագրութիւնը անպայման չի բաժներ միեւնոյն յատկութիւններով օժտուած այլ լեզուագէտ մը, եւ նման պարագաներու չկայ այն հասցէն, արեւմտահայերէնի այն յանձնաժողովը, որ վճռէ նոյն բառի ուղղագրութեան տարբեր մօտեցումները»:

Իրաւացիօրէն, այս տարեփակի խմբագրականներուն մէջ Ա-Զ` արեւմտահայ օրաթերթին վերաբերող, տեղի՛ն եւ համապարփակ գնահատումները նշուած են: Սակայն, համաձայն գտնուելով հանդերձ վերոնշեալին, յաւելեալ ճիգով եւ օգտագործելով «Նայիրի» կայքէջի բառարանները, փորձով վստահ եմ, որ կարելի կը դառնայ ցարդ հրատարակուած ո՛րեւէ յօդուած մի՛այն մեր ունեցած  արեւմտահայերէն բառամթերքով խմբագրել` ընթերցողին գոհացում տալով եւ  հաւատարիմ մնալով «Ազդակ»-ի իննսունամեայ վաստակին եւ աւանդութեան:

15 փետրուար 2018

———-

(1) (https://en.wikipedia.org/wiki/International_Mother_Language_Day)
(2)  (http://www.nayiri.com/projects?l=hy_LB&n=2)
(3)  (http://www.nayiri.com/dictionaries.jsp?l=hy_LB)
(4)  (http://www.aztagdaily.com/archives/368882)
(5)  (http://www.aztagdaily.com/archives/336899)
(6)  (http://www.aztagdaily.com/archives/333058)
(7)  (http://www.aztagdaily.com/archives/308135)
(8)  (http://www.aztagdaily.com/archives/277602)
(9)  (http://www.aztagdaily.com/archives/275607)
(10) (http://www.aztagdaily.com/archives/251631)
(11) (http://www.aztagdaily.com/archives/247546)
(12) (http://www.aztagdaily.com/archives/377549)


Օձի Գլուխը Երբ Ցաւում Է

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Կենդանական աշխարհում թունաւոր սողունների տեսակին բնորոշ այս հիւանդութեան ախտանշանները հայ ժողովրդական իմաստութիւնն է մատնանշում` ասելով. «Օձի գլուխը երբ ցաւում է, ճամբի մէջտեղն է դուրս գալիս»: Իրականում  բոլոր ժամանակների մարդկային հանրութեանն ուղղուած այս առածի կարիքը նոր ժամանակներում, որպէս խրատ-յիշեցում, առաւելապէս Ազրպէյճանի` արեւմտեան մերձկասպիայի տարածքի այդ արհեստածին պետութեան, իշխանութիւններն ունեն, որոնք ահա նորից, այս էլ որերորդ անգամ, գլխացաւանքից դրդուած` ճամբամէջ են ազրպէյճանական հանրութեանը` դաս չառած իրենց այդ պահուածքի նախորդ հետեւանքներից: Պատճա՞ռը: Պատճառը պարզ է: Յիշենք` դարձեալ մեր հներն են ասում. «Խելօքին մէկ, յիմարին հազար ու մէկ ասա»:

Արդեօք նոյն այդ գլխացաւանքի արտայայտութիւն չէ՞, որ այդ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հերթական անգամ իր հպատակներին ոգեշնչում է «գեղովի» մեծ ճամբայ ելնելու եւ «Ազրպէյճանի բնիկ պատմական հողերին» տէր կանգնելու արկածախնդիր գաղափարով: Իսկ «Ազրպէյճանի բնիկ պատմական հողերը», ըստ նրա հիւանդ երեւակայութեան, Լեռնային Ղարաբաղն է, Երեւանը, Զանգեզուր-Սիւնիքը եւ Սեւանի աւազանը: Այդ տարածքները նա հերթական անգամ, ի տես ազրպէյճանական հանրութեան, մատնանշել է օրերս` փետրուարի 8-ին, իր գլխաւորած «Ենի Ազերբայջան» («Նոր Ազրպէյճան») կուսակցութեան 6-րդ համագումարի ամպիոնից: Ինքնագոհ հպարտութեամբ յայտարարելով, որ այդ մասին գիտական հետազօտութիւններ են կատարւում, գրքեր հրատարակւում, շարժանկարներ նկարահանւում, ցուցադրութիւններ կազմակերպւում աշխարհում, նա ասել է, որ` «այդ մասին պէտք է իմանան երիտասարդ սերունդն ու ողջ աշխարհը»:  «Դա պէտք է լինի մեր ապագայ գործունէութեան ուղղութիւն, մենք հէնց այսօր էլ աշխատում ենք այս ուղղութեամբ», յայտարարել է Ալիեւը` պարզաբանելով. «Որովհետեւ Երեւանը մեր պատմական հողն է, եւ մենք պէտք է ազրպէյճանցիներին վերադարձնենք այս հողը:  Սա մեր քաղաքական եւ ռազմավարական նպատակն է, եւ մենք պէտք է աստիճանաբար մօտենանք այս նպատակին»:

Ուշադրութիւն դարձրէք. դա ընդամէնը մէկ փոքրիկ քաղուածք է Ազրպէյճանի առաջնորդի ծրագրային ճառից, բայց իր տողատակում ինչքա՛ն մարտահրաւէրներ է պարունակում` ուղղուած ներկայ եւ գալիք ժամանակների խաղաղութեան վերաբերեալ մեր` հայերիս, եւ աշխարհի հանրութեան պատկերացումների դէմ: Այստեղ` Անդրկովկասի ներսում, մեր տարածաշրջանից դուրս: Փաստօրէն, այն ամէնը, ինչ ասել է Ազրպէյճանի նախագահն իր կուսակիցներին եւ, նրանց միջոցով,  ողջ հասարակութեանը (իսկ  համագումարի աշխատանքը եւ, առանձնապէս, Ալիեւի ելոյթը սփռուել են հանրապետական հեռատեսիլի ու ձայնասփիւռի ալիքներով, լուսաբանուել տեղական եւ միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցներում), հակընդդէմ թեզ է ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտում տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան  հաստատման ուղղութեամբ ահա աւելի քան քառորդ դար ձեռնարկուող քաղաքական-դիւանագիտական ջանքերին: Հակամարտութեան հայկական կողմերի եւ միջազգային հանրութեան` ի դէմս ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան, միջնորդական առաքելութեան  խաղաղարար քայլերին:

Աւելի՛ն. ալիեւեան այդ ճամարտակութիւնները հնչել են մի այնպիսի ժամանակ, երբ հերթական այցով տարածաշրջանում էին գտնւում ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի  համանախագահներն ու ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը: Ընդ որում, նրանք նոր միայն` նախօրեակին, աւարտել էին իրենց հանդիպումը նախագահ Ալիեւի հետ, իսկ այդ օրն իրենց այցը շարունակում էին Երեւանում, յաջորդ օրը` Ստեփանակերտում: Բնականաբար միջնորդական առաքելութեան դեսպանները քաջածանօթ էին Պաքւում իրենց հիւրընկալի այդ ռազմատենչ յոխորտանքի թիրախային շեշտադրումներին եւ, կարծում եմ, հազիւ թէկուզ մեն մի եզր գտած լինէին դրանցում, որ համապատասխանէր օր առաջ իրենց հանդիպմանը նրա բարձրաձայնած խաղաղասէր հաւաստիացումներին:

Այսինքն այդ եւ բոլոր այն տարածաշրջանային այցերն ու հանդիպումները, որ տասնամեակներ ի վեր պարբերաբար իրականացնում է ՄԱԿ-ի գերադաս լիազօրութիւնը ստացած այդ կառոյցը, նրա հովանու ներքոյ` հակամարտ երկրների նախագահների եւ արտաքին գործերի նախարարների մակարդակներով  անցկացուող բանակցութիւնները, նոյն այդ առաքելութեան ընդունած բազմաթիւ յայտարարութիւնները, անգամ` շփման գծի դիտարկման մեքանիզմների համալրման խնդրի շուրջ տարիներ շարունակ չարչրկուող պայմանաւորուածութիւնները Վիեննայում, Ս. Փեթերպուրկում, Ժընեւում կամ այլուր, ոչ այլ ինչ են, քան` պատրանքային փուչիկներ, որոնք կարող են օճառի պղպջակների պէս անսպասելի պայթել ցանկացած որեւէ պահի` հէնց այսօր կամ  վաղը եւ կամ ոչ հեռու ապագայում: Ինչքան էլ մենք եւ մեզ հետ համակարծիք միջազգային հանրութիւնն արժանուոյնս ու  բարձր գնահատենք արցախեան հիմնահարցի շուրջ տեղի ունեցող բանակցային գործընթացի անհրաժեշտութիւնն ու դերակատարութիւնը` որպէս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման այլընտրանք չընդունող միակ միջոց, ինչի մասին քանիցս հատու բարձրաձայնուել է աշխարհի ամենահեղինակաւոր ամպիոններից, այնուամենայնիւ, ըստ իս, դոյզն իսկ կասկածի ենթակայ չէ, որ ողջ այդ գործիքակազմը, Խաչատուր Աբովեանի պատկերաւոր արտայայտութեամբ ասած, «պարապ վախտի» այդ խաղալիքներն ու խաղերը անիմաստ ու անհեռանկար են Ազրպէյճանի իշխանութիւնների ծաւալապաշտ նպատակների ու նկրտումների, դրանցից բխող ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ արկածախնդիր գործողութիւնների առկայութեան պայմաններում: Կրկնում եմ` այսօր եւ վաղը, նաեւ` միւս բոլոր-բոլոր ժամանակներում:

Կարծում եմ, աւելի ճիշդ` համոզուած եմ, որ Իլհամ Ալիեւի այդ նախընտրական ճառի «հայկական մոթիվները» պէտք է զգօնութեան դաս հանդիսանան, առաջին հերթին մեզ` հայերիս համար, առանձնապէս` մեր այն թէկուզեւ փոքրաթիւ ազգակիցների համար, ովքեր, թող թոյլ տրուի ասել, պարզամտօրէն հաւատում են փոխզիջումների միջոցով Պաքուի հետ «ընդհանուր լեզու» գտնելու եւ վերջնական հաշտութեան հասնելու սին գաղափարին: Յիշենք կամ, իմ ուսանողական տարիների դասախօս ընկեր Գասպարեանի խօսքով ասած` «ականջներիս օղ» անենք, որ եթէ, Աստուած մի՛ արասցէ, մենք ի վերջոյ, կամայ, թէ ակամայ, ինքնակամ թէ պարտադրուած լինելով,  ազգովի համաձայնենք ամբողջովին, կամ մասամբ ընդունել հակամարտութեան կարգաւորման Մատրիտեան շերեփի պարունակութիւնը` բանակցային սեղանի շուրջ եւ հրապարակաւ քննարկուող բոլորիս յայտնի յեղյեղուկ ու, որպէս այդպիսիք, անտրամաբանական,  անարդարադատ սկզբունքները, ապա նոյն այդ օրից սկսած  մենք վտանգած կը լինենք հայոց պետականութեան ներկան եւ ապագան, մեր համազգային նուիրական իղձերը, աւելի՛ն, որպէս ազգ ու ժողովուրդ` մեր գոյութեան ու յարատեւութեան հեռանկարը: Հայաստան-Արցախում, թէ սփիւռքում:

Այո՛, ի հարկէ, Մատրիտեան կոչուող այդ շիլափլաւից, որպէս փոխզիջում, մեզ նոյնպէս մէկ-երկու շերեփ կարող է հասնի: Ասենք կաթսայի յատակի քերանքի տեսքով կամ փոքր-ինչ աւելին: Բայց` այդքանը միայն: Եւ` ժամանակաւորապէս միայն: Քանզի մեր կողմից այսօրուայ ամենաչնչին զիջումներն անգամ անպայման վաղը գրգռելու են մեր ոխերիմ թշնամիների ախորժակը` հիմք տալով նրանց հետագայում եւս շարունակելու իրենց ծաւալապաշտական նկրտումները, փոշիացնելու  համար Մեծ Թուրանի ստեղծման համաթուրքական ճանապարհին աներեր ու անառիկ ծառացած այն արգելապատնէշը, որ կոչւում է` Հայաստան-Արցախ: Այլապէս հազիւ թէ Ազրպէյճանի նախագահը պատահաբար է արտաբերել Երեւանի, Արցախի, Սիւնիքի, Սեւանի աւազանի անունները` շեշտելով դրանց պատմական պատկանելութիւնն ազրպէյճանական ժողովրդին, առաւել եւս` յոխորտալի սպառնալով, որ ազրպէյճանցիները վաղ թէ ուշ պէտք է վերադառնան այդ տարածքներ: Առաւել եւս` չթաքցնելով, որ դա իր գլխաւորած պետութեան ընթացիկ եւ ապագայ ռազմավարական նպատակն է: Ուշագրաւ է նաեւ, որ Ալիեւն այդ առումով սկսել է գործել գրեթէ համաժամանակ իր թուրք գործընկերոջ` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Յիշեցնենք, որ Թուրքիայի նախագահը վերջերս հանդէս է եկել Լոզանի 1923թ. պայմանագրի կտրուկ քննադատութեամբ, համաձայն որի որոշուել են ժամանակակից Թուրքիայի  սահմանները: Ըստ երեւոյթին, ամենեւին էլ պատահական բնոյթ չեն կրում այդ երկու թուրքական պետութիւնների տարածաշրջանային նկրտումները:

Ազրպէյճանի կողմից ի՞նչ պակաս միջպետական պատերազմի յայտարարութիւն է Հայաստանին: Պատրա՞ստ ենք մենք այդ տեւական պատերազմին: Գիտակցո՞ւմ ենք, որ անխուսափելի է կենաց ու մահու այդ պատերազմը, որ կարող է դարձեալ նոր տասնամեակներ տեւի: Զգօ՞ն ենք հարկ եղած չափով: Պետականօրէն, ազգովի: Ո՛չ միայն մեր արդիական սպառազինութեամբ: Ո՛չ միայն մեր, անկասկած, մարտունակ բանակով: Այլ նաեւ` ի շահ հայրենիքի անվտանգութեան ու ապահովութեան` մեր հանրային-քաղաքական ուժերի գաղափարական որդեգրումների համախմբմամբ ու միաձուլմամբ: Ասել է թէ` մեր ազգային-պետական գոյութեանը սպառնացող վտանգի համազգային  գիտակցմամբ եւ այդ սպառնալիքին որպէս ազգ-բանակ դիմագրաւելու պատրաստականութեամբ ու պատրաստակամութեամբ: Այո՛, ինչո՞ւ չէ, հայրենիքի կառավարմանն ու բարգաւաճմանն աշխարհասփիւռ հայութեանը, որպէս համասեփականատիրոջ օրէնսդրօրէն ներգրաւմամբ եւ, նոյն այդ իրաւական հիմքերով, սփիւռքահայ երիտասարդութեանը, աշխարհի տարբեր երկրների բանակների հայազգի սպայակազմին հայոց պետականութեան անվտանգութեան ապահովման, հայոց սահմանների պաշտպանութեան հայրենապահպան եւ ազգապահպան գերխնդրին յօժարակամ լծուելու հնարաւորութեան ընձեռմամբ:

Մինչդեռ, ինչպէս ականատես ենք, Հայաստանում տակաւին հանրային քննարկումների եւ բանավէճերի առարկայ են դարձած յետհամալսարանական կրթութիւնը շարունակող  եւ արտերկրի կրթօճախներում սովորող երիտասարդ տղաներին պարտադիր ժամկէտային զինծառայութեան տարկէտումների տրամադրման հարցերի շուրջը: Բարեբախտաբար այդ եւ նման հարցերը  վաղուց ի վեր բացառւում են արցախեան քննարկումների օրակարգում, եւ արցախցի երիտասարդները, պատիւ համարելով ծառայութիւնը Պաշտպանութեան բանակի շարքերում, յստակ գիտակցում են, որ իւրաքանչիւր հայ տղամարդ պարտադիր պէտք է տիրապետի զէնքին, եւ որ իրենց զինուորական պատրաստութիւնը մշտապէս անհրաժեշտ է հայրենիքի, հարազատ ընտանիքի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ապահովման գործում: Առաւել եւս` մեր ոխերիմ թշնամին, ինչպէս ականատես եղանք արցախեան ազատամարտի տարիներին, ապա նաեւ` 2016-ի ապրիլեան պատերազմի օրերին, խտրութիւն չի դնում իր հայ զոհի ո՛չ տարիքի, ո՛չ սեռի, ո՛չ կրթական մակարդակի եւ ո՛չ էլ զինուորական գործին պատրաստ կամ անպատրաստ լինելու միջեւ:

Բայց վերադառնանք Ազրպէյճանի նախագահի հակահայ յորջորջանքին ու դրա հանրային արձագանգներին: Եւ այսպէս,  արդէն իսկ լրահոսում ի յայտ են գալիս հայ հանրութեանը սփոփելու փորձեր: Առաւելապէս` դրսից: Եթէ ամփոփիչ տեսքով ներկայացնենք այդ փորձերը, ապա պարզւում է, թէ իբր Իլհամ Ալիեւի այդ ծաւալապաշտական հռետորաբանութիւնն ընդամէնը պահի ազդեցութեան արտայայտութիւն է` պայմանաւորուած ապրիլի 11-ին նշանակուած արտահերթ նախագահական ընտրութիւններով եւ նախընտրական քարոզչութեան համար թողնուած խիստ կարճատեւ ժամանակահատուածում ընդդիմութեան կռուաններն էն գլխից նրա ձեռքից խլելու անհրաժեշտութեամբ: Կարծում եմ` առաւել քան միամիտ պէտք է լինել հաւատալու համար նման անհեթեթութեանը: Բանն այն է, որ անկախ Ազրպէյճանում տեղի ունեցող ներիշխանական, ներկուսակցական, միջկուսակցական, միջքլանային եւ այլ կարգի գզվռտոցներից, որոնք բացառապէս ոչ այլ ինչ են, քան` իշխանութեան տաշտից առաջինի իրաւունքով լիաբուռ օգտուելու որկորային բախումներ, այդ երկրի, առանց բացառութեան, թէ՛ իշխանական եւ թէ՛ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը միասնական ու միակամ են հայութեան դէմ, այդ պարունակում, առաջին հերթին, Արցախի հարցում իրենց դիրքորոշումներում, ընդհանուր առմամբ` հայատեացութեան մէջ:

Սա է իրական պատկերը: Ազրպէյճանում, փաստօրէն, քաղաքական ընդդիմութիւն` որպէս երեւոյթի դասական հասկացութիւն, չկայ: Այն փոշիացուել է, նախ, աւագ Ալիեւի իշխանութեան օրօք, երբ բանտային ճաղերի յետեւ նետուեցին եւ կամ պարզապէս կամայականօրէն, առանց դատ ու դատաստանի գնդակահարուեցին բոլոր այն քաղաքական հեղինակութիւնները, ովքեր այս կամ այն չափով նպաստել էին նրա վերադարձին Նախիջեւանից Պաքու եւ խիստ դժգոհ էին, որ պատուաւոր տեղ չունեն նախագահի շքախմբում: Նրանք, ովքեր ունակ էին  երկրի առաջին դէմքի համար ոչ նպաստաւոր ազդեցութիւն գործել հանրային մտքի վրայ: Նրանք, ովքեր օժտուած էին ըմբոստութեան եւ անհնազանդութեան յատկանիշներով ու երբեմնի դրանք արտայայտում էին տարբեր տրամաչափի խռովութիւնների տեսքով:

Քաղաքական ընդդիմութեան ջարդի այդ գործընթացը մի նոր թափ ստացաւ, առանձնապէս, 2003թ. յետոյ, երբ ամենատարբեր խեղաթիւրումների գնով գալով իշխանութեան գլուխ` կրտսեր Ալիեւը ժառանգորդի իրաւունքով բազմեց հանգուցեալ հօր թափուր գահին, չնայած, ինչպէս վկայում են նրա հօր եւ անձամբ իր շրջապատից այս կամ այն պատճառով ելած գործիչները, ոչ մի չափանիշով արժանի չէր այդ բարձր պաշտօնին: Այդ ժամանակաշրջանից սկսած` այն աստիճան սաստկացաւ ընդդիմութեան հալածանքը, որ Ալիեւների իշխանութեան հանդէպ այլախոհի կեցուածք ընդունած քաղաքական գործիչներն այսօր արդէն երանութեամբ են յիշում անցեալ դարի 90-ական թուականների վերջերը, երբ կառավարում էր Հայտար Ալիեւը:

Իլհամ Ալիեւի իրական ընդդիմախօսները ներկայումս այն գործիչներն են, ովքեր որպէս այդպիսիք կա՛մ վտարուել են երկրից եւ կա՛մ սեփական նախաձեռնութեամբ մազապուրծ եղել, երկու դէպքում էլ` նախապէս լիուլի ճաշակելով բանտային գեհենի բոլոր սարսափները: Այսօր հիմնականում վտարանդի այդ գործիչներն են, որ եւրոպաներում գործող իրենց համացանցային լրատուամիջոցներով սուր քննադատութեան են ենթարկում հանրապետութեան իշխանութիւններին` բացայայտելով դրանց բռնապետական, քլանային, կողոպտչական էութիւնը: Բայց` ընդամէնն այդքանը: Արցախի հարցում եւ, առհասարակ, հայութեան նկատմամբ իրենց վերաբերմունքում նրանք բոլորն էլ, գուցէ թէ` չնչին բացառութեամբ, մնում են նոյն երդուեալ հայատեացները, ինչպիսին որ էին 80-ականների վերջերից ի վեր` Ազրպէյճանում ապրելու եւ բարձր քաղաքական ու զինուորական պաշտօններ զբաղեցնելու տարիներին, եւ ինչպիսին որ կան ներկայումս նրանց քննադատութեան թիրախ դարձած իշխանութիւնները: Յատկանշական է, որ ամէն անգամ, համացանցի ազրպէյճանական հեռատեսիլի թողարկումներում անդրադառնալով արցախեան խնդրին, այդ գործիչներն ինքնաբերաբար կրճտացնում են ակռաները` հայր ու որդի Ալիեւների իշխանութեանը խարազանելով հայերի դէմ վարած անողնաշար քաղաքականութեան համար, ինչի պատճառով Ազրպէյճանը կորցրել է ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղը, այլեւ` նախկին մարզի եօթ յարակից շրջանները, եւ` խոստանալով երկիր վերադառնալուց յետոյ անյապաղ լրացնել այդ բացը: Ինչ վերաբերում է ընդդիմադիրի համարումով Պաքւում գործող կուսակցութիւններին` Ազրպէյճանի ժողճակատ, Մուսաւաթ եւ այլն, ապա դրանք, նախ, արդէն մէկ անգամ` 90-ական թուականների սկզբներին, եղել են իշխանութեան գլուխ, մինչ այդ հասցնելով կազմակերպել հայ բնակչութեան ջարդերն ու բռնատեղահանութիւնը, իսկ ապա` իրենց կառավարման օրօք յատկանշուել բոլոր այն մեղքերում, ինչում այժմ մեղադրում են ներկայիս իշխանութիւններին: Այդ կուսակցութիւններին` որպէս ընդդիմադիր քաղաքական կառոյցների,  միաւորող միակ յատկանիշը դրանցից իւրաքանչիւրի ծայր աստիճան իշխանատենչ յաւակնոտութիւնն է, ինչը եւ խանգարում է նրանց ընդհանուր յայտարարի գալ համապետական, առանձնապէս, նախագահական ընտրութիւնների ժամանակ` մէկ միասնական թեկնածուով մրցապայքարի մէջ մտնելու համար:

Արդեօք յաջողութիւնը նրանց կ՛ուղեկցի՞ այս անգամ` 2018-ի ապրիլին: Համոզուած եմ` հազիւ թէ: Այս կարծիքին են նաեւ գրեթէ առանց բացառութեան բոլոր այն վերլուծաբանները, որոնց տեսակէտներին հասցրել եմ ծանօթանալ լրահոսում: Գլխաւոր պատճառը, ըստ իս, ընդդիմութեան շրջանում միասնականութեան բացակայութիւնն է, ուժերի ջլատուածութիւնը, հանրութեան շրջանում հեղինակութեան ու վստահութեան պակասը: Եւ, ինչպէս որ նախորդ նախագահական ընտրութիւնների ժամանակ էր,  օգտագործելով վարչական լծակները, դիմելով հազար ու մի ձեռնածութիւնների, Ազրպէյճանի թիւ մէկ բազկաթոռը դարձեալ, այս էլ` չորրորդ անգամ, իրեն կը պահի գործող նախագահը:

Արդեօք կառավարման այդ նոր եօթամեայ ժամկէտում, նա` վերընտիր նախագահ Իլհամ Ալիեւը, կ՛անդրադառնա՞յ կուսակցութեան փետրուարեան  համագումարում ունեցած ելոյթի իր խոստումներին ու շեշտադրումներին: Վերլուծաբաններից շատերի կարծիքով, բացառւում է Ազրպէյճանում կեանքի համատարած բարելաւում: Քանզի անցած 15 տարում գործելով բացառապէս ուրագի պէս` միշտ դէպի իրեն տաշելով կոճղը, ապա հազիւ թէ այս անգամ եւս տաշեղներից թէկուզ մէկը հակառակ ուղղութեամբ` դէպի ժողովուրդը թռչի: Ազրպէյճանական հանրութիւնը կրկին կը մնայ անապահովութեան նոյն անդունդի եզրին: Բնականաբար, հերթական անգամ եւ գուցէ ոչ մէկ անգամ կը հասունանայ ընկերային պայթիւնը, որը, սակայն, դարձեալ չի որոտայ: Քանզի, ինչպէս նախորդ բոլոր նման պայթիւնավտանգ  իրավիճակներում էր, նախագահական ամպիոնից վերստին կը հնչի յանուն «Ազրպէյճանի պատմական հողերի» վերադարձի համաազրպէյճանական լիցքաթափման կոչը` «Չքաւո՞ր  ես, չունե՞ս, գնա՛, հարեւանիդ թալանի՛ր»: Ու կրկին մեծ ճամբայ կ՛ելնեն ասպատակիչ հրոսակներն ու ամբոխները` ալան-թալանի իրենց այդ մոլուցքում դարձեալ մոռացած, որ գլխացաւանքից ճամբամէջ ելած օձի գլուխը սովորաբար ջարդում են: Հէնց այդտեղ` ճամբամիջին:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

 

Խմբագրական. Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ. Սուր Զգայնութիւն Թէ՛ Հայրենիքի Եւ Թէ՛ Սփիւռքի Մէջ (Բ.)

$
0
0

Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու մասին նախագահի ելոյթը կը շարունակուի արգելակման պատասխանատուութենէն Ազրպէյճանը դուրս բերելով եւ լրիւ Թուրքիոյ վրայ կեդրոնանալով: Աւելի ճիշդը, հակառակ Ազրպէյճանի պահանջին Թուրքիոյ կողմէ  քաղաքական կամքի բացակայութեան ընդգծումն է:

«Արդեօ՞ք Ազրպէյճանն է խոչընդոտում Թուրքիային Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցում, ինչպէս մեզ շատերը փորձում են համոզել: Ո՛չ, հիմնական խոչընդոտը Թուրքիայի առաջնորդների քաղաքական կամքի բացակայութիւնն է: Կարծում եմ` պատկերացնում էք, որ հայկական սփիւռքի շատ ու շատ ներկայացուցիչներ այնքան էլ երջանիկ չէին մեր այդ որոշմամբ: Դա բնական էր, քանի որ նրանք ցեղասպանութիւն վերապրածների եւ հայրենազրկման ենթարկուածների ժառանգներն են: Ես շրջագայեցի ողջ աշխարհով, հանդիպեցի սփիւռքի մեր քոյրերի եւ եղբայրների հետ` համայնք առ համայնք, քննարկեցի նրանց հետ չափազանց զգայուն այս խնդիրը:

Արդեօ՞ք Թուրքիայի ղեկավարները դրսեւորեցին նման քաղաքական կամք, արդեօ՞ք նրանք որեւէ կերպ տէր կանգնեցին իրենց իսկ ստորագրած փաստաթղթերին:

Մենք չենք կարող առյաւէտ սպասել Թուրքիայի պատասխան քայլերին»:

Այստեղ վերյիշում կայ, ստորագրութիւններու նախօրեակին սփիւռքի գաղութներուն դրսեւորած սուր զգայնութեան, բողոքին` արձանագրութիւնները չստորագրելու: Քաղաքականօրէն հասկնալի է վերյիշեցումը. նախագահը ըսել կ՛ուզէ, որ հակառակ հայ ժողովուրդի կարեւոր հատուածին ընդդիմութեան, Երեւանը գացած է այդ քայլին ընդառաջ: Եւ անմիջապէս նշելու, որ Թուրքիան չէ դրսեւորած այն քաղաքական կամքը, որ Երեւանը որդեգրած է, եւ չէ առած համապատասխան քայլ` տէր չկանգնելով ստորագրուած արձանագրութիւններուն:

Հաւանաբար պէտք է մտածել, որ բողոքի ցոյցերը օգտակար եղած են նաեւ պետական այն մօտեցումին, որ այսօր կը շեշտուի այս առումով:

Բայց արձանագրութիւններուն սուր զգայնութիւն ցոյց տուողը միայն սփիւռքը չէր, որ ցեղասպանութենէն վերապրողներէ եւ հայրենազրկումի ենթարկուողներէ կազմուած է: Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան կարեւոր մէկ տոկոսը նաեւ այդ ճակատագիրին ենթարկուած է. անոնք եւս շառաւիղներն են Արեւմտահայաստանը կորսնցուցած եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն հաստատուածներուն: Աւելի՛ն. ամենամարդաշատ ժողովրդային ցոյցը արձանագրութիւններու բեկանման պահանջով Երեւանի ցոյցն էր, ուր պարզ դարձաւ, որ այս խնդիրով, այլ խօսքով` Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութիւնը մերժելու առումով հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ չկար մտայնութեան տարբերութիւն:

Թէ՛ երկկողմ եւ թէ՛ բազմակողմ բանակցութիւններու ընթացքին պետական դիրքորոշումներու ամրակայման կը նպաստեն ժողովրդային ցոյցերը այս պարագային: Պաշտօնական Երեւանը կրնար միշտ շեշտել, որ հակառակ  ժողովուրդին կողմէ դրսեւորուած սուր զգայնութեան, բողոքին, չստորագրելու պահանջներուն, Երեւանը ցուցաբերած է քաղաքական կամք եւ ընդառաջած միջազգային ընտանիքին:

Երբ կը ժխտուի, որ Ազրպէյճանի պատասխանատուութեամբ չէ, որ արձանագրութիւնները չվաւերացուեցան, չի նշանակեր անշուշտ, որ Պաքուն ազդեցութիւն չունեցաւ այդ գործընթացի տապալման մէջ: Փաստօրէն Անգարան շարունակած է արծարծել նախապայմանները, որոնցմէ գլխաւորը արցախեան հարցին կը վերաբերէր կամ հայկական ուժերու հեռացումին: Հաւանաբար այստեղ կ՛ընկալուի նաեւ հայութեան կողմէ սուր զգայնութեան դրսեւորումի անհրաժեշտութիւնը: Հայկական կողմը յաջողած է քաղաքական կամք դրսեւորել, մինչ թրքականը` ոչ. պատճառներու շարքին նաեւ` Պաքուի պահանջները:

Համաեւրոպական կամ միջազգային պահանջներուն Թուրքիան հակադրելէ ետք, այս անգամ ներազգային դժգոհութիւններու վերյիշեցումը կը ծառայէ միեւնոյն նպատակին: Հակառակ այս բոլորին, դարձեալ Թուրքիան է արգելակիչը:

Այս բաժինին վերջին նախադասութիւնը եւս կը նախանշէ չեղարկման իրաւական քայլը: «Մենք չենք կարող առյաւէտ սպասել Թուրքիայի պատասխան քայլերին»:

Պարզօրէն կը հաստատուի, որ ժամանակը սպառած է եւ չեղարկման քայլի յետհաշուարկը սկսած է:

Խմբագրական. «Անյաղթելի Մի Բուռ Աշխարհ» (Արցախի Շարժման 30-ամեակին Առիթով)

$
0
0

Արցախեան շարժումի 30-ամեակի նշումը բազմաթիւ խորհուրդներ վերարժեւորելու առիթ է: Համախմբում, ինքնապաշտպանութիւն, բանակաշինութիւն, ազատագրում, պետականութիւն, հանրապետութիւն:

Դար մը առաջ մայիսեան հերոսամարտերու եւ հանրապետութեան կերտումի պատմադրոշմ իրադարձութիւններէն ետք, արցախեան շարժումը մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն բախտորոշ շրջադարձն է, որ մեզ վերակերտեց իբրեւ ազգ եւ պետութիւն:

Մեր արդի պետականութեան եւ անկախութեան վերականգնման ակունքներուն` կայացած երեւոյթ է արցախեան շարժումը, որ հայութեան մէկ կարեւոր հատուածը ցեղասպանութեան ենթարկուելու սպառնալիքէն փրկելու առընթեր երաշխաւորեց հայրենիքի անվտանգութիւնը:

Արցախը հոգեփոխեց մեզ: Ցեղասպանութիւն, Արեւմտահայաստանի եւ արեւմտահայութեան կորուստ, ապա երկուքուկէս տարուան յարութենէն ետք, անկախութեան զիջում եւ տարածքներու բռնակցում: Արցախահայութեան շարժումը շատ արագ վերածուեցաւ համայն հայութեան յաղթանակին, որ հոգեշարժի ենթարկեց ազգը:

Մէկ կողմէ քաղաքակիրթ եղանակով, ժողովրդավարական հիմունքներով, միջազգային օրէնքին ընդառաջ արցախահայութիւնը ամբողջացուց ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի կենսագործման սկզբունքները, միւս կողմէ պարտաւորուեցաւ դէմ դնել հակառակորդի անընդհատ կրկնուող ոտնձգութիւններուն, սադրանքներուն, ռազմական արկածախնդրութիւններուն:

Այսպիսով, ազատագրուեցաւ հայրենի Արցախը, որ իր կարգին երաշխաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, այդպիսով նաեւ` պետականութեան վերականգնումն ու կայացումը:

Հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան առաջադրանքին առընթեր, այժմ ազգովին թեւակոխած ենք իրաւաքաղաքական կարեւորագոյն փուլ: Հետզհետէ թափ կը հաւաքէ նահանգային եւ քաղաքային մակարդակներու վրայ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման շարքը: Աշխատանքը կը համալրուի տարբեր խորհրդարաններու մէջ գործող կուսակցութիւններու համապատասխան բանաձեւերու որդեգրումներով, պաշտօնական Ստեփանակերտը ներկայացնող դէմքերու աշխարհաքաղաքական օրակարգերով զբաղող միջազգային կեդրոններ այցելութիւններով, տարբեր երկիրներու խորհրդարանականներու Արցախ ժամանումով, հակամարտութեան էութեան մասին համաշխարհային ամէնէն նշանաւոր լրատուամիջոցներու լրագրողներու հաղորդումներու, տեսանիւթերու եւ վերլուծականներու հրապարակումներով: Այս բոլորին առընթեր` հակառակորդի ձեռնարկած տեղեկատուական պատերազմին միացեալ համակարգումով, համահայկական լրատուադաշտի ներկայացուցիչներու Արցախի մէջ յաճախակի համախմբուելով, համագործակցելով եւ նպատակաուղղուած աշխատանքի ծաւալումով:

Արցախեան շարժումը, այո՜, միաւորած է համայն հայութիւնը որ առաջնային օրակարգ ճշդած է Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը :

Երեսնամեակ մը առաջ ծայր առած շարժումը յանգած է Արցախի Հանրապետութեան կայացումին, բանակաշինութեան, պետականութեան վերականգնումին, հայրենիքի անվտանգութեան երաշխաւորումին, սփիւռքի հայրենակեդրոն մտածողութեան եւ նոր, միացեալ աշխատակարգերու եւ կառոյցներու գոյառման: Մէկ խօսքով` հայկական աշխարհի միաւորման:

Բոլորս կը գտնուինք զինուորական եւ քաղաքական խրամատներու մէջ` կողք-կողքի: Պահպանելու համար այսօրուան փաստացի սահմանները եւ իրաւական ճանաչում ապահովելու Արցախին: «Անյաղթելի մի բուռ աշխարհ»-ին:

Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական Պալատը Եւ Milestones Ընկերութիւնը Համաձայնած Են Համբաւի Ճեմուղին Սկսիլ Միջին Արեւելքի Մէջ

$
0
0

Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատը կը ստորագրէ արտօնութեան համաձայնագիր մը` Milestones ընկերութեան հետ

Պէյրութ, Լիբանան (30 յունուար 2018) – Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատը եւ Milestones ընկերութիւնը ստորագրած են Համբաւի ճեմուղին (Walk of Fame) Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծելու համաձայնագիը: Հոլիվուտի Համբաւի ճեմուղին միջազգայնօրէն ճանչցուած հոլիվուտեան խորհրդանիշ է: Տարեկան մօտաւորապէս 24 աստղերու հանդիսութիւններ կը սփռուին աշխարհին մէջ, հանրութեան մատուցուող մշտական ամրապնդումը Համբաւի ճեմուղին դարձուցած է աշխարհի լաւագոյն այցելութեան վայրերէն: Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատը կը շարունակէ աստղեր աւելցնել Համբաւի ճեմուղիին վրայ: Այս համաձայնութեամբ առիթ կը ստեղծուին  Միջին Արեւելքի մէջ ականաւոր մեծարեալներուն` ճանչցուելու իրենց երկիրներուն մէջ: Ատիկա պիտի ըլլայ պատիւ մը բոլոր անոնց, որոնք բացառիկ նուաճումներ արձանագրած են:

«Մենք շատ խանդավառ ենք` համագործակցելու Milestones ընկերութեան հետ», ըսաւ Լերոն Կիւպլեր` Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատին նախագահը: «Milestones-ի հետ համագործակցութիւնը առիթ մը պիտի ըլլայ, որպէսզի Համբաւի ճեմուղին հասնի նաեւ այլ շրջաններ եւ իրականացնէ ամբողջ աշխարհին մէջ համբաւաւոր անձերը ճանչնալու մեր առաքելութիւնը»:

«Այս համաձայնութիւնը իբրեւ օրինակ կը ծառայէ համայնքներու ճանաչման եւ խթանման փոխադարձ նուիրումին», ըսաւ Ալպերթ Փամպուքեանը`  Milestones ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնը: «Մենք անհամբեր ենք ծրագիրը իրականացնելու Միջին Արեւելքի մէջ եւ տարածելու մեր միացեալ առաքելութիւնը»:

Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատ

Աւելի քան 95 տարուան ընթացքին Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատը մատուցած է ծրագիրներ եւ ծառայութիւններ` ղեկավարութեան, պիզնեսի զարգացման միջոցներու, հաղորդակցութեան եւ կառավարական գործերու մարզերուն մէջ, ապահովելու համար հոլիվուտեան պիզնեսի եւ համայնքներու անվտանգութիւնը,  պատշաճութիւնը եւ տնտեսական աշխուժութիւնը: Հոլիվուտի Համբաւի ճեմուղին եւ Հոլիվուտի նշանը

Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատի արձանագրուած վաճառանիշներ են:

Milestones ընկերութիւնը

Աւելի քան 30 տարուան ընթացքին Milestones ընկերութիւնը մատուցած է նուիրուածութիւն եւ յանձնառութիւն` ուշագրաւ լուծումներ տրամադրելու կազմակերպութիւններու, համայնքներու եւ կառավարութիւններու համար: Համաշխարհային համագործակցութիւններու եւ գործընկերներու միջոցով հաստատուած է նշանաւոր համբաւ մը: Milestones ընկերութիւնը նուաճումները վերածած է շօշափելի բարելաւման` մարդոց կեանքերուն վրայ եւ շրջակայ միջավայրի բարօրութեան համար:

Ես Ոչ Մէկ Տեղ Այդքան Ազատ Եւ Նոյն Ատեն Ապահով Զգացած Եմ, Որքան` Ղարաբաղի Մէջ. Ռուս Լրագրող

$
0
0

Ռուսական «Ինթրըսթինկ Ուըրլտ» (Interesting World) լրատուամիջոցի գլխաւոր խմբագիր Իկոր Շիրիայեւը Արցախի Հանրապետութիւն կատարած իր այցելութենէն ետք վստահ է, որ Լեռնային Ղարաբաղը աշխարհի այն եզակի վայրերէն է, որ իրակա՛ն է, կը հաղորդէ «Արցախփրէս»ը:

«Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ ան կը կիսէ իր այցելութեան տպաւորութիւնները:

«Այցելելով աշխարհի շատ գեղեցիկ եւ տարաշխարհիկ վայրեր` Ղարաբաղը կը համարեմ այն հազուագիւտ վայրերէն մէկը, զոր ես իրական կ՛անուանեմ: Այո՛, կան աւելի բարձր լեռներ, աւելի տարաշխարհիկ բնութիւն, աւելի հարուստ երկիրներ: Բայց Ղարաբաղը իրական է: Ի՞նչ կը ներառեմ այդ բառին մէջ. այստեղ կը բնակին ճիշդ դաստիարակուած մարդիկ, որոնք շատ բան ապրած են եւ զարմանալի կերպով` այդքանէն ետք, ոչ թէ աւելի վատ, այլ աւելի լաւ մարդ դարձած են: Անոնք ոչ ոքէ ոչինչ կը խնդրեն: Իրենց միակ փափաքը այն է, որ զիրենք հանգիստ ձգեն եւ թոյլ տան ապրիլ այն հողին վրայ, որ իրենցը կը համարեն, եւ այդ հարցով ես անոնց հետ բոլորովին համաձայն եմ: Բացի այդ, ոչ մէկ տեղ ես ինքզինքս այդքան ազատ եւ նոյն ատեն ապահով կը զգամ, որքան` Ղարաբաղի մէջ. ասիկա յարակարծական է` նկատի ունենալով այս երկրին տխուր պատմութիւնն ու ոչ դիւրին ներկան, բայց ըսածս փաստացի է», կը յայտնէ Շիրիայեւը:

Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր այն մարդոց, որոնք կազմակերպած էին իր այցելութիւնը: Լրագրողը գոհունակութեամբ կը պատմէ, որ իր կնոջ հետ Սիրահարներու տօնը նշած է արցախեան բարձրադիր ձիւնոտ բնակավայրերէն մէկուն մէջ:

Ան ոգեւորուած է այն բանով, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի մէջ մարդիկ կը ճանչնան զինք, յայտնելով, որ կը տեսնեն իր լուսանկարները ու կը կարդան յօդուածները:

Շիրիայեւը կը նշէ, որ Արցախէն վերադառնալէն ետք հաւաքած է մեծ թիւով լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր, որոնք պիտի մշակուին եւ հրապարակուին յօդուածներու հետ:

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live