Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սթրազպուրկի Դահլիճէն

$
0
0

Յիշատակելի էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յունուար 24-ի ելոյթը Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական ժողովին առիթով: Բաւական երկար էր Սարգսեանի խօսքը, որ կ՛ընդգրկէր թէ՛ արտաքին ու թէ՛ ներքին եւ ընդհանրապէս կովկասեան տարածաշրջանը հետաքրքրող քաղաքական զանազան նիւթեր:

Բնականաբար օրակարգի վրայ առաջնահերթ էր այն հաստատումը, որ Հայաստան, ստորագրած ըլլալով Եւրոմիութեան հետ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, արդէն իսկ գործի լծուած է բազմազան բնագաւառներու մէջ` արդիւնաւէտ աշխատանքի ձեռնարկելու փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ:

Հայաստանի  նախագահը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական արժէքներու պահպանման: Քայլ մըն ալ աւելի անդին երթալով` նախագահը մասնաւորապէս շեշտեց, որ` «Մենք լրջօրէն ենք տրամադրուած եւ յանձնառու ենք շարունակելու մեր համակարգային եւ հետեւողական ամէնօրեայ աշխատանքը փտածութեան ախտն արմատախիլ անելու ուղղութեամբ»:

Այս բոլոր հաստատումներն ու մատնանշումները շատ աւելի արագ եւ համաժողովրդային ընթացք պիտի ստանան, երբ յառաջիկայ ապրիլին սկսի գործադրուիլ սահմանադրական բարեփոխումներու թղթածրարը` խորհրդարանական դրութեամբ:

Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ ժողովրդավարական բնոյթ ունեցող բոլոր այս բարեփոխումները դիւրին պիտի չըլլային առանց Եւրոպայի Խորհուրդի կառոյցներու աջակցութեան եւ անմիջական մասնակցութեան:

Նաեւ, Սթրազպուրկի բեմահարթակէն արծարծուեցաւ Արցախի հիմնահարցը եւ այդ ալ ամենայն մանրամասնութեամբ: Կարճ պատմական մը ներկայացնելով, Սարգսեան իր խօսքը շարունակեց նշելով, որ մութ հաշիւներու արդիւնք, անարդարութեան եւ բնաջնջման սպառնալիքի պայմաններուն տակ Արցախի ժողովուրդին միակ ելքն էր ինքնապաշտպանութեան դիմելն ու անկախութեան համար պայքարիլը:

Անգամ մը եւս ան շեշտեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին ներքեւ գործող բանակցային հոլովոյթը այս տագնապի լուծման միջազգայնօրէն համաձայնեցուած միակ ձեւաչափն է, որ անպայմանօրէն կը պահանջէ հակամարտող բոլոր կողմերուն եւ յատկապէս յարձակողին` Ազրպէյճանի յանձնառութիւնը:

Ազերի պատուիրակութիւնը, յանձինս Իլհամ Ալիեւի հլու կամակատար Սամատ Սայիտովի, փորձեց ամհիմն եւ անհեթեթ ցեխարձակումներով աղաւաղել ու խեղաթիւրել Սարգսեանի խօսքերը Արցախի առնչութեամբ` սովորականին նման Խոճալուի ջարդին մասին արտայայտուելով, դէպք մը, որ ազրպէյճանական ներքին մութ հաշիւներու հետեւանքն էր:

Խօսքի աւարտին Սարգսեան հպարտութեամբ յայտարարեց, որ կատարուած են Հայաստանի ստանձնած ժողովրդավարացման հիմնական յանձնառութիւնները Եւրոպայի Խորհուրդին առջեւ:

Յառաջիկայ ամիսներուն խորհրդարանական կառավարման անցնելով` տարբեր համակարգ մը պիտի ստեղծուի, որ այսուհետեւ պիտի նպաստէ հաշուետուութեան, ժողովրդավարութեան զարգացման, եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան:

 


Անդրադարձ. 1918-ի Մայիսեան Դրուագներ Ա.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Արշաւիր (Աշօ) Շահխաթունի (1885-1957) (1)1918-ին նշանակուած է Երեւանի զինուորական պարետ` հրամանատար եւ պաշտօնավարած` մինչեւ 1920-ի վերջերը, անդամակցած է ՀՅԴ-ի: Ստորեւ կարգ մը յապաւումներով կը ներկայացնեմ «Արամը» (2) գիրքէն  «Սարդարապատի հերոսամարտը եւ մահափորձ Արամ փաշայի դէմ» իր յուշագրութենէն բաժիններ` արեւմտահայերէնի վերածելով եւ խառն շարքով:

Ա.- «Քանի մը վայրկեան ետք եկաւ ճարտարագէտ Մալխասեանը եւ յայտնեց, որ քաղաքէն դուրս տանող ջուրի խողովակները վնասուած են, եւ որ հարկաւոր էր վեց հոգի` նորոգութեան համար:

«Սա մեր տեղի թաթարներուն գործն էր: Հարցուցի, թէ արդեօք կրնայի՞ն թունաւորել ջուրը:

Արշաւիր Շահխաթունի ձախին

Ջուր կրող էշեր

«Չեմ կարծեր,» – ըսաւ Մալխասեանը, – «որովհետեւ ջուրի ճնշումը շատ ուժեղ է: Բայց եւ այնպէս, առ այժմ կրնանք ամբարներու պահեստի ջուրը գործածել քաղաքացիներուն համար` սպասելով քանի մը օր: Ջուրի համար ուրիշ գաղափար եւս ունիմ, այն է` գտնել 200-300 էշ եւ տիկերու միջոցով զինուորներուն ջուր տեղափոխել»:

«Ես կը գտնեմ էշեր ըսի ու յանկարծ յիշեցի, որ փաստաբան Ենգիպարեանը, 50 տարեկան մարդ մը, յաճախ կու գար եւ Արամէն կը խնդրէր, որ հայրենիքի ծառայութեան համար իրեն աշխատանք մը տրուի: Արամը կ՛ըսէր «լաւ, լաւ», բայց միշտ կը մոռնար: Ի՞նչ աշխատանք կրնար կատարել Ենգիպարեանը: Մալխասեանէն խնդրեցի սպասել մօտս` մինչեւ բանուորներուն գալը եւ այդ ժամանակամիջոցին հեռաձայնեցի Ենգիպարեանին, որ անմիջապէս պարետանոց գայ:

«15 վայրկեան չանցած, հերթապահը յայտնեց, որ Ենգիպարեանը եկած է: Ան յուզուած եւ գոհ ժպիտով ներս մտաւ:

Պր. Ենգիպարեան, ըսի,- մեր ջուրը վտանգուած է: Մանրամասնութիւնները յետոյ կը պատմեմ ձեզի: Անմիջապէս ըսեմ, որ մեզի համար պէտք է 200 էշ գտնել:

– Երեւանի մէջ է՞շը կը պակսի. 200-ն ալ կը գտնեմ, 400-ն ալ:

– Ուրեմն դուք այդ գործով զբաղեցէք:

– Բայց վաւերաթուղթ մը կ՛ուզեմ, որ կարենամ այդ պաշտօնագիրով էշերը զինուորական գրաւումի ենթարկել:

– Ի հարկէ, այդ թուղթը կու տամ:

«Յանձնարարեցի քարտուղար սպային, որ անմիջապէս պատրաստէ այդ թուղթը` հետեւեալ բովանդակութեամբ.

«Պր. Ենգիպարեանը այս հրամանագիրի հիման վրայ նշանակուած է էշերու կոմիսար (լիազօր պաշտօնեայ- ՅՉ): Կ՛առաջարկեմ գոհացում տալ անոր» :

«Տեսայ, որ Մալխասեանը չէր կրնար իր ծիծաղը զսպել: Ենգիպարեանը ըսաւ. «Քիչ մը անյարմար է այդպիսի գրութիւն: Բայց ոչինչ, հայրենիքի համար կ՛ընդունիմ նաեւ էշերու կոմիսար դառնալ»:

«Սեղմեցի անոր ձեռքը եւ ըսի` «Դէպի աշխատանք»:

«24 ժամ ետք 600 էշ կանգնած էր կայարանին մէջ` Մալխասեանի տրամադրութեան տակ» :

Երեւանի հիւանդանոցը 1919-ցարդ

Մայրեր թուղթ կը խաղան

Բ.- «Ժողովուրդը իր ժամանակը մեծ մասամբ հրապարակին (Երեւանի- ՅՉ) վրայ կ՛անցընէր, եւ այս զանազան գրգռութիւններու առիթ կրնար ստեղծել: Հրաման տուի, որ արգիլուած է ժամը 9-էն (21:00- ՅՉ) ետք տունէն դուրս ելլել` բացի բժիշկներէն եւ  աշխատաւորներէն, որոնք պէտք էր ունենային մասնաւոր արտօնագիր:

«Իմ խեղճ մայրս շատ կը սիրէր թուղթ խաղալ: Կը հաւաքուէին տիկին Ջանմեանի տունը` պարետանոցէն ոչ հեռու, ժամը 5-էն մինչեւ 8-ը: Երեկոյ մը այնպէս պատահած է, որ խօսքի բռնուած են եւ խաղը շարունակած` մինչեւ ժամը 9-ը: Երբ մայրս պատրաստուեր էր մեկնելու, անոր զգուշացուցած էին, որ շատ վտանգաւոր է այդ ժամուն դուրս ելլել, եւ որ` պահակները կրնան չճանչնալ զինք: Ան պատասխանած էր, որ իբրեւ պարետի մայր` իրեն վնաս չեն հասցներ:

«Ճամբան պարետանոցի սպաներէն մէկը տեսած էր զայն եւ` խնդրած, որ ընկերակցէր իրեն մինչեւ պարետանոց: Այդ միջոցին յանկարծ տեսած են զիս ինքնաշարժով: Միայն մայրս իսկոյն ճանչցած էր զիս: Բայց ես տակաւին չէի տեսած զինք: Մօտեցայ եւ տեսայ, որ մայրս էր: Ամենայն պաղարիւնութեամբ հարցուցի. «Ի՞նչ պատահած է, ի՞նչ իրաւունքով տունէն դուրս եկած էք: Ժամը 9-ը անցած է արդէն»:

Հ.Հ. կեդրոնական դրամատունը 1918-1920

Երեւանի հիւանդանոցը 1919-ցարդ

«Նախ սպային խիստ նկատողութիւն ըրի, որ իրաւունք չունի ընկերակցելու մօրս, որովհետեւ պարետի կամ ոեւէ մէկուն մայրը, կինը, ո՛վ որ ալ ըլլար, օրէնքի առջեւ տարբեր չէ միւս քաղաքացիներէն: «Իսկ ձեզ, տիկի՛ն, կ՛առաջարկեմ անմիջապէս երթալ պարետանոց եւ բանտարկութեան ենթարկուիլ մինչեւ առաւօտ»:

«Մայրս ապշած ինծի նայեցաւ եւ ծիծաղելով ըսաւ. «Գժուա՞ծ ես»:

«Խելքս տեղն է, տիկի՛ն: Կ՛առաջարկեմ, որ հետեւիս ինծի»:

«Հերթապահին յանձնեցի մայրս եւ ըսի, որ իմ սենեակը տրամադրէ անոր եւ չթողնէ դուրս ելլել: Առաւօտուն կանուխ ուղարկեցի տուն: Քաղաքացիները արդէն իմացած էին դէպքին մասին եւ շատ գոհ ժպիտով կը բարեւէին զիս այդ առաւօտ:

Գ.- «1918 մայիսի կէսերուն էր: Լուր ստացած էինք, որ թուրքերը խզած են կնքուած զինադադարի պայմանագիրը: Բայց այդ մասին որեւէ պաշտօնական հաղորդագրութիւն չկար: Անոնք առանց նախազգուշացումի սկսած էին յառաջանալ դէպի Աղինի եւ Անիի ճակատը:

«Այդ յառաջխաղացումին մասին իմացայ զօրավար (Մովսէս- ՅՉ) Սիլիկեանէն` հեռախօսով: Առաւօտեան ժամը հինգն էր. զօրավարը շատ մտահոգ էր եւ ընկճուած ձայնով կը խօսէր. «Թուրքերը կը յառաջանան դէպի Սարդարապատ` Քարխուն ճակատէն: Ալեքսանդրապոլէն (Գիւմրի- ՅՉ), Անիէն եւ Աղինէն կտրուած ենք: Պահեստի ոեւէ զինուոր չունիմ թշնամիին դիմադրելու համար: Կարելին ըրէ՛ք անմիջապէս ինծի հասցնելու ձեր տրամադրութեան տակ եղած պահեստի զինուորները, ինչպէս նաեւ` պաշար, փամփուշտ, ռազմամթերք եւայլն: Յայտնեցէք Արամ փաշային գաղտնապէս, որ պիտի աշխատիմ նահանջել դէպի Քարխունի ճահիճները եւ ամրանալ Թոզ-Թեփելերի վրայ: Դուք ամրացուցէք Երեւանը: Տեղի մի՛ տաք շփոթութեան եւ իրարանցումի: Միեւնոյն ժամանակ ծածկագիր հեռագրած եմ Արամ փաշային, որ համոզէ կաթողիկոսին` թողել Էջմիածինը եւ երթալ իր ամարանոցը»:

«Կը լսեմ, զօրավա՛ր, կարելին եւ անկարելին կ՛ընեմ ձեր հրամանները անմիջապէս կատարելու: Կաթողիկոսի տեղափոխութեան մասին Արամ փաշային պէտք եղածը կ՛ըսեմ, եւ ինչ որ կարող եմ ուղարկել` իբրեւ զինուորական պահեստի ուժ, ռազմամթերք եւ այլն, կ՛ուղարկեմ շուտով:

«Զօրավարը շատ յուզուած` խեղդուած ձայնով ըսաւ. «Աստուած ձեզի հետ ըլլայ, հայրենիքը չի մոռնար ձեր կատարածը»:

«Այս հեռախօսի հաղորդագրութեամբ ես ապրեցայ կեանքիս ամէնէն դժբախտ օրերը: Այդ պահուն կինս եկաւ: Գիտէի, որ ան քաջ էր: Անոր պատմեցի զօրավարին ըսածը եւ ըսի, որ շուտով դուրս պէտք է ելլեմ` պահանջուած զինուորներն ու ռազմամթերքը անմիջապէս ռազմաճակատ հասցնելու համար:

«Քանի մը ժամ ետք տրամադրելի վաշտերը ճամբու դրի եւ անոնց հետ պէտք եղած ռազմապաշարը ուղարկեցի:

«Այստեղ պէտք է աւելցնեմ, որ Արամը այդ օրերուն աներեւակայելի եռանդ ցոյց կու տար բանակի կազմակերպումին եւ ինքնապաշտպանութեան համար` ամէն կողմ ուղարկելով երիտասարդ ուժեր քարոզչութիւն կատարելու, որ հայ ժողովուրդին համար ստեղծուած է «լինել չլինելու հարցը»: Գիշերները չէր քնանար, մինչեւ առաւօտեան ժամը 3-ը ոտքի վրայ էր: Ամէն հարցի մէջ կը մտնէր, որպէսզի ամէն ինչ իր կարգադրութեամբ ըլլար: Յոյս կու տար բոլորին, եւ անոր այս ընթացքը յոյս կը ներշնչէր ժողովուրդին:

«Ընդհանրապէս ես տուն կը վերադառնայի առաւօտեան ժամը 3-ին: Արամին կինը (բժ. Կատարինէ- ՅՉ) ինծի կ՛ըսէր. «Աշօ ջան, երբ որ Արամը առաւօտեան ժամը 3-ին ինքնաշարժի ձայնը կը լսէ կ՛ըսէ. «Աշոն քնանալու գնաց, ուրեմն ամէն ինչ կարգին է»:

7 Փետրուար 2018
(Շար. 1)

—————————–

(1)  (https://hy.wikipedia.org/wiki/Արշավիր_Շահխաթունի)

(2)  «Արամը», հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, 1969, տպարան Համազգային էջ 508-521:

Քաղաքական Անդրադարձ. Ամերիկեան Միջազգային «Ազատական» Կարգավիճակին Անկումը

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

1919-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն իր նշանաւոր ազատ ինքնորորոշման ազատական գաղափարներով փորձ մը կատարեց վերադասաւորելու միջազգային յարաբերութիւնները: Սակայն անոր փորձը բախեցաւ ֆրանսական եւ անգլիական գաղութատիրական գաղափարներուն: Հակառակ անոր որ Ազգերու լիկան ստեղծուեցաւ, սակայն անիկա անկարող եղաւ դէմ դնելու մեծ պետութիւններուն կայսերապաշտական ծրագիրներուն: 1919-1945 թուականերուն որոշ անիշխանականութիւն մը կար միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, մինչեւ որ 1945-ին վերջ գտաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմը: Պատերազմէն ետք Անգլիա եւ Ֆրանսա կորսնցուցած էին իրենց ուժը, եւ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին աշխարհը ականատես եղաւ Պաղ պատերազմին, որ տեւեց մինչեւ 1990, եւ որուն գլխաւոր հակադիր բեւեռներն էին Միացեալ Նահանգները եւ Խորհրդային Միութիւնը:

Արդեօք Պաղ պատերազմի օրերուն աւելի ապահո՞վ էր աշխարհը, թերեւս, սակայն ուժերու որոշ հաւասարակշռութիւն մը կար «ազատական» եւ «համայնավար» աշխարհներուն միջեւ: Միացեալ Նահանգները եւ Խորհրդային Միութիւնը երբեք ուղղակի պատերազմի մէջ չմտան, այլ կ՛օգտագործէին ուրիշ երկիրներ, եւ փոխանորդաբար պատերազմներ տեղի կ՛ունենային, ինչպէս, օրինակ Վիեթնամի եւ Աֆղանիստանի մէջ: Պաղ պատերազմը վերջ գտաւ 1990-ին, երբ խորհրդային վարչակարգը Կորպաչովի օրով փլուզման ենթարկուեցաւ, եւ«ազատական» աշխարհը, Ամերիկայի գլխաւորութեամբ,  յաղթանակ յայտարարեց: Սակայն այս յաղթանակը երկար չտեւեց, հակառակ անոր որ միջազգային յարաբերութիւնները սահմանափակուեցան Միացեալ Նահանգներու քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական ուժերուն մէջ: Միաբեւեռ համակարգ մը ստեղծուեցաւ, սակայն 2003-ի իրաքեան պատերազմով Միացեալ Նահանգներ կը մտնէին մութ անդունդի մը մէջ:

Սակայն այստեղ կարեւոր է նշել, որ նախքան Իրաք ներխուժումը` արդէն իսկ Միացեալ Նահանգներ քաղաքական մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուէին միջազգային գետնի վրայ: Քաղաքագէտ Ժերոյտ Օթուաթալ իր «Քննական աշխարհաքաղաքականութիւնը» (1996) խորագրեալ գիրքին մէջ կը պատասխանէ այն հարցումին, որ եթէ իսկապէս Միացեալ Նահանգները կրցան վերաձեւաւորել միջազգային կարգավիճակը 1991-էն մինչեւ 2003, ինչո՞ւ ի յայտ եկաւ, որ Ամերիկան նոյնիսկ Արեւմուտքի մէջ իր դաշնակիցներուն հետ քաղաքական տարակարծութիւններ ունէր, եւ եւրոպական երկիրները կը փորձէին որոշ հեռաւորութիւն մը պահել իրենց եւ ամերիկեան քաղաքականութեան միջեւ: Օրինակ, նախկին Եուկոսլաւիոյ պատերազմին ընթացքին (1989-1994), Միացեալ Նահանգներ դէմ էին, որ երկիրը քայքայուէր եւ բաժանումներու ենթարկուէր, սակայն միեւնոյն ատեն կը ջանային կասեցնել սերպական ազգայնականութիւնը: Իսկ Ամերիկայի դաշնակից Գերմանիան կը ջանար ամէն գնով բաժնել Խորուաթիան եւ Սլովենիան, որովհետեւ այս երկու շրջաններուն մէջ գերմանական ընկերութիւնները  առեւտրական հսկայական ներդրումներ ունէին: Այլ տարակարծութիւն մըն էր 2003 թուականին Իրաք ներխուժումը Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ, որոնց ընդդիմացած էր Ֆրանսան:

2003-էն մինչեւ «Արաբական գարուն»-ի պայթումը յստակ դարձաւ, որ Ամերիկան իր հզօրութիւնը կորսնցուցած էր: Յիշենք` 2008-ի Վրաստան-Ռուսիա պատերազմը, Հըզպալլայի ռազմական գործողութիւնները 2006-ին եւ 2008-ին, 2014-ին Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ դէմ շղթայազերծուած պատերազմը, Չինաստանի հզօրացումը, Թուրքիոյ արեւելամէտ քաղաքականութիւնը, Իրանի քաղաքական ներթափանցումը Իրաք, Եմէն եւ Սուրիա, ինչպէս նաեւ` Ռուսիոյ դերը սուրիական տագնապին մէջ. այս բոլորէն ետք հարց կու տանք, թէ ու՞ր են Միացեալ Նահանգները:

2016-ին նախագահ Տոնալտ Թրամփի պաշտօնավարութեան ստանձնումով յստակ դարձաւ, որ Միացեալ Նահանգներ այլեւս չէին հետապնդեր «ազատական» քաղաքականութիւն, այլ, ընդհակառա՛կն, ի հեճուկս բոլոր պնդումներուն, շրջանային նոր ուժեր մէջտեղ եկան, ինչպէս` Իրանը, Ռուսիան, Թուրքիան, Չինաստանը եւ Հնդկաստանը, որոնք ամէն գնով կը փորձեն հաւասարակշռել ամերիկեան քաղաքականութիւնը իրենց շրջաններուն մէջ, եւ այսօր միջազգային մակարդակի վրայ ստեղծուած է բազմաբեւեռ դրութիւն մը: Անշուշտ, թէ որքանո՛վ դրական կամ ժխտական է այս վիճակը, կանուխ է վճռելու, սակայն ներկայիս քաղաքական վերլուծաբաններ կը զգուշացնեն միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ անիշխանութենէ մը: Այս տեսակէտին կը հաւատայ Ռոպերթ Քափլան, որ իր «Եկող անիշխանութիւնը» խորագրեալ գիրքին մէջ կը վերլուծէ համաշխարհային մարտահրաւէրները, որոնք կրնան ի յայտ գալ, եթէ Միացեալ Նահանգներ տկարանան, եւ «ազատական» կարգավիճակը վերացուի ու փոխարինուի ոչինչով, որ կը ստեղծէ անիշխանութիւն մը` դուռ բանալով նոր պատերազմներու, այս անգամ` հզօր երկիրներու միջեւ:

Թերեւս պէտք է սպասել, սակայն այս նոր կարգավիճակով Միացեալ Նահանգներ իրենց նախկին ճկունութիւնը կորսնցուցած են, եւ կարգը եկած է այլ երկիրներու, որ առաջնորդեն միջազգային յարաբերութիւնները, սակայն որքանո՞վ անոնք անկախ դիրքորոշում ունին եւ իրենց սահմանափակ ուժերով պիտի կարենան հաւասարակշռել Ամերիկան: Ամերիկայի «ազատական» միջազգային կարգավիճակը անկումի մէջ է, սակայն ան տակաւին կանգուն կը մնայ:

Yeghia.tash@gmail.com

 

 

Գերեալ Հայ Զինուորի Սիրտը` Պաքուի Գերեզմանատանը

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Աւա՜ղ,  դա իրողութիւն  է, ինչքան էլ դառը եւ ցաւալի հնչի, բայց` անժխտելի ճշմարտութիւն, եւս մէկ ակնառու վկայութիւն, թէ իրականում ի՛նչ աստիճան վայրագ է թշնամին: Վկայութիւն, անշուշտ, ոչ մեզ` հայերիս համար: Մենք սոսկ այս վերջին իրողութեամբ չէ, որ քաջածանօթ ենք ճակատագրի քմահաճոյքով հազիւ մի քանի դար առաջ մեզ «հարեւան» դարձած  քոչուոր խաշնարածների ցեղախմբի` ներկայումս ազրպէյճանական յորջորջուող հանրութեան գիշատչական էութեանն ու վարքագծին: Նրա, ում նախածին բնազդային յատկանիշները, անգամ «հոմօ սափիենս»-ի ձեւաւորման ու կայացման համար կարծես թէ բաւարար բարենպաստ պայմաններում, դոյզն իսկ փոփոխութեան չեն ենթարկուել: Նրա, ով,  Մեծն  Թումանեանի բնորոշմամբ, «Հազար դարում հազիւ դարաւ Մարդասպան» ու «հեռու է մինչեւ Մարդը իր ճամբան»:

Վերյիշենք Մարտունու շրջանի բերդաշէնցի մանկան`  2-րդ դասարանցի Նելսոն Մովսիսեանի վայրենաբարոյ սպանութիւնը 1966-ին, որ  ազգային թշնամանքի հողի վրայ առանձնայատուկ խոշտանգումներով իրագործել էր նոյն շրջանի Կուրոպատկինօ ազրպէյճանական բնակավայրի դպրոցի տնօրէն Արշատ Մամետովը` իր յանցակիցների հետ միասին: Անհնար է մոռանալ 1988-1990թթ. հայկական կոտորածները Սումկայիթում, Պաքւում, Գանձակ-Կիրովապատում, Ազրպէյճանի միւս քաղաքներում ու գիւղերում, երբ ազրպէյճանական ջարդարարների ամենահամեղ ուտելիքը դարձել էր մարդկային սրտի խորովածը` հայի սրտի, Արցախի Մարաղայ հայկական գիւղի բնակիչների` անպաշտպան կանանց ու երեխաների, ծերունիների սպանդը 1992թ. ապրիլին` բանական մարդու գիտակցութեանն անհասանելի եւ անյարիր բազմաթիւ սահմռկեցուցիչ դրուագներով հանդերձ: Վերյիշենք հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի կացնահար սպանութիւնը Պուտափեշտում` ՕԹԱՆ-ի դասընթացներում նրա  համադասարանցի, ազրպէյճանցի  սպայ  Ռամիլ Սաֆարովի կողմից` 2004-ի փետրուարին, 2016թ. ապրիլեան կարճատեւ պատերազմի օրերին ազգութեամբ եզիտի զինուոր Քեարամ Սլոյեանի, վարորդ Հրանտ Ղարիպեանի եւ հազարապետ Հայկ Թորոսեանի գլխատման, Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղում մի ընտանիքի երեք տարեց անդամների` ամուսիններ Վալերա եւ Ռազմելա Խալափեանների, ընտանիքի մեծ մօր` 94-ամեայ Մարուսեայի դաժանաբարոյ սպանութեան փաստերը…

Եւ ահա ազրպէյճանական վայրագութեան նորայայտ փաստը, որը 26-ամեայ հնութիւն ունի, եւ որի մասին այս օրերին առանձնակի հպարտութեամբ ու պարծանքով է գրում Պաքուի մամուլը:

Ինչպէս տեղեկացնում է moderator.az լրատուական գործակալութիւնը փետրուարի 2-ի լուրերի իր թողարկման մէջ (http://www.moderator.az/news/210913.html), ներկայումս Թուրքիայում բնակուող մի ոմն պաքուեցի ազրպէյճանուհի Նուրճահան Հուսէյնովան պատերազմի սկզբից եւեթ հայերի դէմ Ժիհատի էր մեկնել Շուշի եւ իր հետ տարել նաեւ 18-ամեայ ուսանող որդուն` Էլխանին: Հանրայայտ է` Շուշիում տեղակայուած ազրպէյճանական զօրքերը 1992թ. յունուարի 26-ի գիշերը լայնածաւալ յարձակում էին ձեռնարկել Քարինտակ հայկական գիւղի վրայ: Ռազմական  գործողութիւնը Շուշիից ղեկավարում էր այդ նպատակով Պաքուից յատուկ ժամանած պաշտպանութեան նախարար, զօրավար Նաճմէտտին Մեհթիեւը:  Մինչեւ ատամները զինուած աւելի քան 300 ազրպէյճանցի հրոսակների դէմ ինքնապաշտպանութեան էր ելել ընդամէնը 80 քարինտակցի: Յետոյ` մարտի ընթացքում, ճեղքելով ազրպէյճանական զօրքերի օղակը,  քարինտակցիներին օգնութեան են հասել մերձակայ մի շարք գիւղերի` Շոշի, Սղնախի, Աւետարանոցի, Քռասնու, Սզնեքի, Կարմիր գիւղի, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտից` Աշոտ Ղուլեանի (Բեկորի) կամաւորական ջոկատները: Հակառակորդը զգալիօրէն գերազանցում էր ոչ միայն թուաքանակով, այլեւ` զէնք ու զինամթերքով: Ինքնապաշտպանութեան մասնակիցներից մէկի` այն ժամանակ 16-ամեայ Երուանդ Աբրահամեանի վկայութեամբ,  ճակատամարտի ընթացքում ազրպէյճանցիներին ժամանակաւոր յաջողուել էր գրաւել «Կարաժ» կոչուող դիրքը: Այդտեղ նրանք կտրել էին իրենց ձեռքն ընկած գիւղի պաշտպաններից մէկի ականջը, հանել սիրտը, կրակ վառել ու պարում էին շուրջը: Այնուամենայնիւ, գիւղի պաշտպանների հմուտ գործողութիւնների եւ անձնազոհ խիզախութեան շնորհիւ` թշնամին ջախջախուեց` ռազմի դաշտում թողնելով 92 զոհ: Ոչնչացուել էր նաեւ ժիհատի ելած ազրպէյճանուհու որդին: Պաքւում հողին յանձնելով որդու դին` գերեզմանի մօտ նա տեղադրում է նաեւ մի ապակէ բղուղ, որի մէջ` գերեվարուած հայ կամաւորականի սիրտը, երեւի թէ նոյն այն գերու, որի մարմինը ծուատել էին նշուած դիրքի մօտ: Սպիրտի մէջ դրուած այդ սիրտը, յայտնում է ազրպէյճանական լրատուամիջոցը, այսօր էլ պահւում է գերեզմանաքարի հարեւանութեամբ` ի տես այցելուների: Որպէս ապացոյց` կայքը  հրապարակել է նաեւ լուսանկարներ, որոնցում պատկերուած են թանկարժէք քուրքի մէջ փաթաթուած ազրպէյճանուհին որդու գերեզմանաքարի մօտ, իսկ կողքին ապակէ բղուղն է, որի մէջ հայ ռազմիկի սիրտն է: Յաւելեմ, որ Պաքուի այդ լրատուամիջոցի  հրապարակումը դիտել էին համացանցի 8847 ազրպէյճանցի օգտատէրեր, իսկ հրապարակման շարժառիթը կնոջ կերպարանքով այդ հրէշի ծննդեան տարեդարձն էր, ինչի կապակցութեամբ պարբերականի խմբագրութիւնն աճապարել է շնորհաւորել` անուանելով նրան ոչ այլ կերպ, քան`  «մեր հերոս մայր»:

Յատկանշական է` նոյն այն սրտաբուխ ջերմութեամբ, ինչպէս Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն է շնորհաւորել Սաֆարովին` համադասարանցի հայ սպային անկողնում կացնահարած ճիւաղին: Նոյն կերպ` ազրպէյճանցի այն զինծառայողներին, ովքեր գլխատել էին մինչեւ վերջին շունչ հերոսաբար մարտնչած  Քեարամ Սլոյեանին եւ ապա համացանցում սփռել այդ զարհուրելի տեսարանը, կոչելով նրանց դարձեալ ոչ այլ կերպ, քան` հերոսներ: Ահա այդ է նրանց անփոփոխ ցեղային էութիւնը, այդպիսին է համայն մարդկութեան այդ հատուածի քարանձաւային մտածողութիւնը: Անկախ ներկայիս` արդի  քաղաքակիրթ նիստուկացին ու հագուկապին հետզհետէ կարծես թէ համահունչ դարձող նրանց կեցուածքից, դանակ-պատառաքաղից օգտուելու փոքր ի շատէ ձեռք բերած ունակութիւնից, շողոմ ժպտալու աւանդական սովորութիւնից, ժպիտ, որի չարագոյժ լոյսի ներքոյ փայլող ժանիքներն անսպասելի կարող են կրճտալ` դիմացինին, որպէս հերթական զոհի, յօշոտելու բնազդային զգացողութիւնից ու մղումից:

Արդեօք նոյն այդ զգացողութեա՞մբ չէ, որ Ազրպէյճանի ներկայիս նախագահի հայրը` 80-ականների վերջերին քաղաքական ասպարէզից վտարուած Հայտար Ալիեւը, Ազրպէյճանի Համայնավար կուսակցութեան Կենտկոմի, Պետական անվտանգութեան կոմիտէի իր դրածոներին, խորհրդային իշխանութեան քաղաքական ընդդիմութեան պատմուճաններ հագած եւ Ազրպէյճանի Ժողովրդական ճակատ ազգայնական կուսակցութիւնը հիմնադրած իր կամակատարներին Մոսկուայից հրահանգում էր ազգամիջեան բախումներ հրահրել եւ, ինչքան հնարաւոր է, արիւն թափել ամէնուրեք, առաջին հերթին` հայի արիւն, պատճառ բռնելով, թէ Ղարաբաղի հայութիւնն իբր ապօրինաբար անջատուել է ուզում Ազրպէյճանից ու միանայ Հայաստանին, եւ անպայման պատժել է պէտք նրան:

Բայց, արդեօք, ա՞յդ էր միակ պատճառը: Պարզւում է, որ` ոչ: Ահա թէ ի՛նչ է վկայում ազրպէյճանցի պատմաբան, իրաւապաշտպան Արիֆ Եունուսովը, ով 1992-1993թթ. Ազրպէյճանի այն ժամանակուայ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուական-վերլուծական բաժնի պետն էր եւ ով ներկայումս, որպէս քաղաքական վտարանդի,  բնակւում է Հոլանտայում: Եւրոպայում գործող ազրպէյճանական «Օպիեքթիւ» համացանցային հեռուստատեսութեանն օրերս տուած իր հարցազրոյցում  նա յայտնում է, որ 1990 թ. Պաքուի հայկական ջարդերն ու Սեւ յունուարը կազմակերպուել են Հայտար Ալիեւի հրահանգով` հետագայում նրա իշխանութեան գալու նպատակով: Եւ բացատրում է, որ 1988-ին իշխանութեան գալուց յետոյ Ազրպէյճանի Համայնավար կուսակցութեան Կենտկոմի առաջին քարտուղար Ապտուռահման Վէզիրովը, խորհրդային ղեկավար Միխայիլ Կորպաչովի համաձայնութեամբ, Հայտար Ալիեւի դէմ քննութիւն էր նախաձեռնել: Հետաքննւում էր նրա կառավարման ողջ ժամանակահատուածը` 1969-1982 թուականները, նաեւ` աւելի վաղ շրջանների հանգամանքները, երբ նա գլխաւորում էր ազրպէյճանական ՊԱԿ-ը:

Ա. Եունուսովն ասում է. «1989թ. դեկտեմբերին յայտնի դարձաւ, որ ամբողջ ԽՍՀՄ-ից Պաքու են ժամանել երկրի լաւագոյն քննիչները: Նրանք Ազրպէյճան էին եկել Հայտար Ալիեւի գործի քննութիւնն անցկացնելու նպատակով: Իսկ 1990թ. յունուարի 15-ին ԽՍՀՄ գլխաւոր դատախազութիւնը Պաքւում պէտք էր ամփոփէր հետաքննութեան արդիւնքները եւ այդ նիստի ժամանակ որոշէր Հայտար Ալիեւի հետագայ ճակատագիրը: Որոշումը, ի հարկէ, բացասական պէտք էր լինէր Ալիեւի համար: Իսկ 1990թ. յունուարի վերջին պէտք էր տեղի ունենար Ազրպէյճանի Համայնավար կուսակցութեան Կենտկոմի ընդհանուր ժողովը, որի ժամանակ Հայտար Ալիեւն ու նրա խմբակը պէտք էր վտարուէին կուսակցութիւնից եւ հեռանային քաղաքական ասպարէզից»: Եունուսովի հաղորդմամբ, Ալիեւը գիտէր սպասուող բոլոր այդ քայլերի մասին եւ դրանք կանխելու համար Համայնավար կուսակցութեան եւ Ազրպէյճանի ժողովրդական ճակատում իր մարդկանց միջոցով բուռն գործունէութիւն ծաւալեց: Ժողճակատում նրա մարդիկ էին Ապուլֆազ Ալիեւ-էլչիպէյն ու Նեյմաթ Փանահովը, որոնց օգնում էին Ալիեւների յանցատոհմի աշխուժ անդամները` էթիպար Մամետովը, Ֆազայիլ Աղամալին, Պեճան Ֆարզալիեւը:

Իր մարդկանց հետ հանդիպումներից մէկի ժամանակ Հայտար Ալիեւն ասել է. «Մեզ մեծ արիւն է պէտք, շատ արիւն»: Ժամանակին Փանահովը յիմարաբար, միամտօրէն այս մասին ասել է «Մոնիթոր» ամսագրին տուած մի հարցազրոյցում: Հէնց նա` Նեյմաթ Փանահովը, 1989 թուականի դեկտեմբերի 31-ին կազմակերպեց Նախիջեւանով անցնող ԽՍՀՄ պետական սահմանի քանդումը, չնայած այդ ժամանակ Մոսկուան արդէն թոյլ էր տուել սահմանի բացումը, համաձայնագիր էր ստորագրել, եւ պայմանաւորուածութիւն կար, որ ՊԱԿ-ի սահմանապահները կրակ չեն բացելու: Բայց այդ մասին Պաքւում գիտէր միայն Նեյմաթ Փանահովը, ով ազգի հերոս երեւալու համար ի կատար ածեց սահմանի թատերականացուած քանդումը: 1990թ. յունուարի սկզբին Փանահովը դարձաւ հայկական ջարդերի կազմակերպիչը:

Հարցազրոյցում Ա. Եունուսովն ասում է, որ ինքը 1992-ին յատուկ զբաղւում էր Պաքուի յունուարեան ջարդերի հետաքննութեամբ եւ այդ կապակցութեամբ իր մօտ` Ազրպէյճանի նախագահի նստավայր էր հրաւիրել ՊԱԿ-ի գնդապետ Օլեկ Ալիեւին: Եւ վերջինս նրան հաղորդել է, որ այն արիւնալի յունուարեան օրերին հայերի բնակարաններից յափշտակուած արժէքաւոր իրերն ու թանկարժէք զարդերը տեղափոխւում  էին Պաքուի հարիւրապետ Շմիտթի անուան գործարանի տարածք` Փանահովի նստավայրը: Հարցազրոյցում Եունուսովը պնդում է, որ հէնց Փանահովն էր հայկական ջարդերի կազմակերպիչը:

Այս ամէնի մասին Մոսկուան տեղեակ էր, բայց չէր կանխում հայկական ջարդերը եւ իրադարձութիւններն օգտագործեց խորհրդային զօրքերը Պաքու մտցնելու համար: «Օլեկ Ալիեւն ինձ բացայայտ ասաց, որ ՊԱԿ-ը լաւ գիտէր, թէ որտեղ է թաքնւում Փանահովը: Բայց ո՛չ Մոսկուան, ո՛չ Ազրպէյճանի ՊԱԿ-ի ղեկավարութիւնը թոյլ չէին տալիս նրան ձեռք տալ: Իսկ Էլչիպէյն ամէն ինչ անում էր Հայտար Ալիեւի հանդէպ հետաքննութիւնը դադարեցնելու եւ նրան իշխանութեան բերելու համար: Եւ, ի վերջոյ, ամէն ինչ այդպէս էլ եղաւ. յունուարին նախատեսուած ԽՍՀՄ գլխաւոր դատախազութեան նիստը, Ազրպէյճանի Համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը տեղի չունեցան, Հայտար Ալիեւի դէմ հետաքննութիւնը փակուեց, քննիչները մեկնեցին երկրից: Իսկ աւելի ուշ Ալիեւը եկաւ իշխանութեան», ասում է Ա. Եունուսովը:

Նոյնը կամ գրեթէ նոյնը եւ կամ գուցէ աւելին հաստատում է ազրպէյճանցի լրագրող, քաղաքական վտարանդի Զէյնալ Իպրահիմովն իր «35 նամակ որդուս» քաղաքական վիպակում, որը լոյս է տեսել վերջերս` յունուարի 3-ին, եւ որի մէջ հեղինակը նամակների միջոցով ներկայացնում  է Հայտար Ալիեւի դերն Ազրպէյճանում 1988-1993թթ. տեղի ունեցած իրադարձութիւններում` սկսած հայ-ազրպէյճանական հակամարտութիւնից մինչեւ նրա իշխանութեան գալը:  Այդ աղմկայարոյց վիպակում պատմւում է այն մասին, թէ ինչպէ՛ս Հայտար Ալիեւը փուլ առ փուլ իրեն վերադարձրեց երկիրը`  արդիւնքում իշխանութեան գալով 1993-ին: Գրքում նկարագրւում են Պաքւում 1990-ի յունուարի 13-20-ի իրադարձութիւնները, Խոջալուի ողբերգական դէպքերը, որոնք յանգեցրին զգալի թուով խաղաղ բնակիչների մահուան ու բռնատեղահանման: Գրքի նախաբանի հեղինակ, փորձագէտ Ռուբէն Մեհրաբեանի գնահատմամբ, այդ վիպակն այն   մթնոլորտի արտացոլանքն է, որը Պաքւում իշխել է խորհրդային, խորհրդային կայսրութեան կործանման, վաղ յետխորհրդային եւ ուշ յետխորհրդային-ներկայ ժամանակաշրջաններում: Գրքում, ասում է նա,  յետագծւում է հասարակական գիտակցութեան փուլային փոփոխութիւնը, որը կարեւորագոյն դեր է խաղացել ատելութեան միջավայրի ձեւաւորման գործում, եւ որի թիրախը 1988թ-ից սկսած դարձաւ Ազրպէյճանի հայութիւնը: Պարզաբանելով այլատեացութեան եւ, ի մասնաւորի, հայատեացութեան  գաղափարական-քաղաքական հենքը, վիպակի հեղինակը գրում է. «Ատելութիւնը փաստօրէն դարձել է պետական քաղաքականութիւն: Չնայած Ազրպէյճանն ամէնուրեք յայտարարում է իր հանդուրժողականութեան եւ բազմամշակութայնութեան մասին` իրականում երկրում այսօր ֆաշիստական վարչակարգ է: Այդ առումով, այն ֆաշիստական է, քանի որ մանկապարտէզից երեխաների մէջ սերմանում են այդ ատելութիւնը: Ինքը` գրքի հեղինակը, վիպակին կից ծանօթագրութեան մէջ խոստովանում է. «Այս պատումը գրել ինձ դրդել է ամօթը: Այն, ինչ ես տեսել եմ իմ աչքով: Այն, ինչ տեսել եմ երկրում` ֆաշիստական գաղափարախօսութիւնը եւ մարդկային բոլոր արժէքների յետընթացը: Սուտը, որ երեք տասնամեակ շարունակ մատուցւում է աշխարհին: Եւ աշխարհը, որ միլիոնաւոր տակառ նաւթի դիմաց կում առ կում  լուռ կուլ է տալիս այդ սուտը… Սուտն ու ատելութիւնը նստած են անգամ այն մարդկանց մէջ, որոնք այս կամ այն պատճառներով հանդէս են գալիս իշխանութիւնների դէմ, քանի որ նրանցից ոչ մէկը չի համարձակուել բացայայտ ընդունել Ազրպէյճանի պատմութեան լիակատար կեղծումը եւ չի համարձակուել վիճարկել Լեռնային Ղարաբաղի պատկանելութիւնն Ազրպէյճանին: Ոչ մի մարդ երկրում վճռակամութիւն չի ունեցել ճանաչելու Օսմանեան կայսրութիւնում հայերի ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը»:

Վիպակի հրատարակութիւնից յետոյ Զ. Իպրահիմովը  նաեւ հարցազրոյց է տուել «Ազատութիւն» ռատիոկայանի նախագիծ հանդիսացող «էխօ Կավկազա» («Կովկասի արձագանգը», խմբ.) ելեկտրոնային կայքին, որում խիստ գնահատականներ է տուել Ազրպէյճանի ներքաղաքական իրավիճակին, խօսել Ազրպէյճանում հայերի հանդէպ ատելութեան պատճառների, ղարաբաղեան հակամարտութեան, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին:

Հարցազրոյցում վիպակի հեղինակը թուարկում է Ազրպէյճանում առկայ, իր իսկ արտայայտութեամբ, «քաղցկեղային ուռուցքները». «Առաջինը` հանրութեան գլուխը մտցրել են, որ Ղարաբաղն իր տարածքն է: Դէ, դա Ազրպէյճանի տարածքը չէ. այդ տարածքն արհեստականօրէն կցուել է Ազրպէյճանին 1921-ին: Երկրորդը` Ազրպէյճանի շատ ցաւոտ ու մոլեգին ձգտումն է կեղծել իր պատմութիւնը եւ երեւալ որպէս մի ժողովուրդ, որն ունի հազարամեակների ծագում: Դա զառանցանք է, դա չի եղել, դա նոյնիսկ, կարծում եմ, նուաստացուցիչ է ժողովրդի համար` նման բան անել սեփական պատմութեան հետ, իրեն վերագրել ինչ-որ առասպելական հերոսների, յօրինել անհեթեթ պատմական փաստեր»: Որպէս նման զաւեշտալի անհեթեթութեան փաստ` Իպրահիմովը յայտնում է, թէ ազրպէյճանական դասագրքերից մէկում գրուած է, թէ իբր Քոլումպոսին ազրպէյճանցի գիտնական է խորհրդատուութիւն տուել, ինչը, նրա գնահատմամբ, արդէն հոգեբուժների ոլորտից է:

Խօսքս աւարտեմ լրահոսում օրերս յայտնուած այն տեղեկատուութեամբ, ըստ որի ազրպէյճանցի վտարանդի լրագրողի հարցազրոյցը յունուարի 21-ին հրապարակուելուց յետոյ, որոշ ժամանակ անց հեռացուել է լրատուամիջոցի կայքից, իսկ զրոյցը վարած լրագրող Քաթերինա Փրոքոֆեւան` հեռացուել աշխատանքից:  Հաշուի առնելով, որ «Ազատութիւն» ռատիոկայանը եւ, համապատասխանաբար, նրա  նախագիծ հանդիսացող «էխօ Կավկազա» կայքը գործում են Միացեալ Նահանգների քոնկրեսի յատկացումների հաշուին, կարծում եմ, կարելի է ենթադրել, որ այդ իրողութիւնը համայն աշխարհում տարփողուող ամերիկեան ժողովրդավարութեան, այսպէս ասած, «գոհարներից» է կամ աւելի ճիշտ կը լինէր ասել` առանձին երկրներում շրջանառուող կեղծ տոլարներից:

Երեւի թէ նաեւ նման դէպքերում են ֆրանսացիներն ասում` C’est la vie, այսինքն` այսպիսին է կեանքը: Աւա՜ղ…

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

Ակնարկ. Օդային-Հակաօդային Բախումներու Հարթութիւն

$
0
0

Տարածաշրջանային մակարդակի վրայ զինուորական իրադարձութիւններու արձանագրած մագլցողականութիւնը կը յուշէ, որ տարողութեան նոր հարթութիւն թեւակոխած են պատերազմական գործողութիւնները:

Այդ հարթութիւնը աւելի կը յատկանշուի զինուորական ինքնաթիռներու յաճախակի երեւումներով, կործանիչներով, բայց նաեւ հակաօդային հակադարձութիւններով եւ զինուորական օդանաւերը վար առնելով:

Եթէ սուրիական տարածքներու վրայ ահաբկիչները ռուսական զինուորական օդանաւ կը խոցէին, ապա քրտական զինեալ խմբաւորումները կը յաջողէին թրքական երկու կործանիչ վար իջեցնել: Մինչ սուրիական հակաօդային ուժերը իսրայէլեան օդուժին նկատելի հարուած կը հասցնէին, օդանաւ կործանելով` ըստ էութեան իսրայէլեան օդուժի գերակայութեան խորհրդաւորութիւնը քանդելով:

Հիմա տարբեր կողմեր իրարու հետ նաեւ այս առումով հաշուի կը նստին, որ օդային հարուածներուն դիմաց կան նաեւ հակաօդային յագեցած զինուժի տեսակներ, որոնք վերահաշուարկներ կը պարտադրեն այս կամ այն կողմին, որ կ՛առաջադրէր զինուորական իրավիճակ ստեղծել արդիական օդուժի օգտագործումով:

Հակառակ նոր հարթութիւն տեղափոխուելու նախադրեալներուն եւ նոր տարողութիւն նուաճելու մագլցողականութեան, այսուհանդերձ Սուրիոյ մէջ ռուսական, թրքական օդանաւերու վար առնուիլը անպայման չ՛ենթադրեր պատերազմի տեղական բնոյթէն տարածաշրջանայինի անցումը կամ յաւելեալ բռնկումը:

Նոյնը կարելի է ըսել Իսրայէլի պարագային. լիբանանեան փորձառութեան մօտ կայ աւանդական ընկալում, որ Թել Աւիւ անպայման կը հակադարձէ, ուժգին պատժիչ գործողութիւններու կ՛անցնի եւ նոյնիսկ կը դիմէ պատերազմի, եթէ իրեն ուղղուած ոտնձգութիւն նկատէ այս կամ այն զինուորական ուժին կողմէ:

Այս պարագային շեղում կայ այդ աւանդական գիծէն: Թել Աւիւ կը դիմէր Մոսկուային` զսպիչ դերակատարութիւն ունենալու համար իրեն դէմ ուղղուած ռազմական գործողութիւններուն ուղղութեամբ:

Մինչեւ այս դիմումը եւ մինչեւ իսրայէլեան օդանաւին վար առնուիլը սակայն, իսրայէլեան օդանաւերը բազմիցս հարուածած էին Սուրիոյ մէջ տեղակայուած իրանեան յենակէտեր: Զուգահեռ, Լիբանանի հետ իր սահմանագիծին վրայ արգելակիչ պատ կառուցելու ծրագիրով Թել Աւիւ արդէն յաչս ամբողջ աշխարհին կը ներկայանար ինքզինք պաշտպանելու դերակատարութեամբ, ըստ էութեան սակայն նոր թշնամական գործողութիւններու նախապատրաստութեամբ:

Հարցը այս պարագային Թեհրան – Թել Աւիւ է Պէյրութ – Թել Աւիւէն կամ Դամասկոս – Թել Աւիւէն շատ աւելի: Իսկ այս հանգամանքները նկատի ունենալով բոլոր նախադրեալները կը յուշեն, որ Իսրայէլ չ՛ուզեր երթալ յաւելեալ բռնկուածութեամբ յատկանշուելիք շրջանային պատերազմի:

Համակողմանի մօտեցում է յայտնապէս, որ շրջանային պատերազմի իսրայէլեան ներգրաւումը այս պահուն մեծ հաւանականութիւն չունի: Բայց ըստ էութեան սահմանափակումներով, ճշդուած շրջագիծերով շրջանային, գուցէ նաեւ համաշխարհային տեղայնացուած պատերազմ է, որուն ականատես կ՛ըլլանք: Եւ որեւէ համոզիչ կանխատուեալ չկայ, որ ներխուժումներ, օդային տարածքներու ճեղքումներ, կործանիչներու աշխուժ շրջագայութիւններ, օդային հարուածներ եւ հակահարուածներ պիտի չշարունակուին: Ներկայ աշխարհաքաղաքական դրուածքը նկատի ունենալով թէկուզ սահմանափակ շրջագիծի մէջ:

«Ա.»

6-13 ­Փետ­րո­ւար 1919. Ա­րեւմ­տա­հա­յոց Երկ­րորդ ­Հա­մա­գու­մա­րը եւ Ա­զատ, Ան­կախ ու ­Միա­ցեալ Հա­յաս­տա­նի հան­գա­նա­կը

$
0
0

Փետ­րո­ւար 6-13ի այս օ­րե­րուն, 99 տա­րի ա­ռաջ, Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ա­րեւմտա­հա­յոց Երկ­րորդ ­Հա­մա­գու­մա­րին, որ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան հիմ­նա­րար ներդ­րում եւ պատ­մա­կան մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­տա­գայ հո­լո­վոյ­թին մէջ։

Նո­րաս­տեղծ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կազ­մա­ւոր­ման եւ հա­յոց ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ար­մա­տա­ւոր­ման սկզբնա­կան փուլն էր։

Ող­բի, որ­բի եւ սո­վի պայ­ման­նե­րուն մէջ իր հայ­րե­նի­քին ան­կա­խու­թիւ­նը նո­ւա­ճած եւ հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նած հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րած­նուն­դի ՊԱՀն էր։

Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը «ան­ձեւ քաոս»ի վի­ճա­կէն դուրս բե­րե­լու եւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ու պե­տա­կան-ի­րա­ւա­կան մար­մի­նով ու կեր­պա­րով օժ­տե­լու՝ քա­ղա­քա­կան միս ու ոս­կոր կա­պե­լու ե­ռան­դուն, այ­լեւ դժո­ւա­րին ո­գո­րու­մի հանգ­րո­ւանն էր։

Ազ­գա­յին ինք­նա­հաս­տատ­ման ու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան այդ զգա­յուն պա­հուն իր աշ­խա­տանք­նե­րը ­Փետ­րո­ւար 6ին սկսաւ եւ, մին­չեւ 13 ­Փետ­րո­ւա­րի իր փա­կու­մը, հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը յու­զող մեծ ու բարդ հար­ցե­րուն բուռն քննար­կու­մը կա­տա­րեց եւ իր լու­ծում­նե­րը ա­ռա­ջադ­րեց Ա­րեւմ­տա­հա­յոց ­Հա­մա­գու­մա­րը։

Ա­րեւմ­տա­հա­յոց այս երկ­րորդ հա­մա­գու­մարն էր, որ բիւ­րե­ղա­ցուց եւ հռչա­կեց Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան հան­գա­նա­կը՝ ա­նոր ի­րա­գործ­ման ուղ­ղու­թեամբ ան­սա­կարկ, բո­լո՛ր ու­ժե­րով նո­ւի­րո­ւե­լու յանձ­նա­ռու­թեան տակ դնե­լով թէ՛ ինք­զինք, թէ՛ ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած բո­վան­դակ հա­յու­թիւ­նը եւ թէ, ո­րո­շա­պէ՛ս, նո­րաս­տեղծ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը։

Հա­մա­գու­մա­րը իր տե­սա­կին մէջ երկ­րորդն էր։ Ա­ռա­ջի­նը տե­ղի ու­նե­ցած էր եր­կու տա­րի ա­ռաջ, 1917ի ­Մա­յիս 2էն 11, դար­ձեալ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ա­ռա­ջինն ալ գու­մա­րո­ւած էր պատ­մա­կան նոյն­քան ծան­րակ­շիռ պայ­ման­նե­րու մէջ եւ, ա­ւե­լի՛ն, ան­հա­մե­մա­տօ­րէն ջլա­տիչ՝ ընդ­հա­նուր յու­սա­բե­կու­թեան մթնո­լոր­տի մը մէջ։

1917ի այդ օ­րե­րուն, հա­կա­ռակ որ ռուս-թրքա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տին վրայ ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թիւն կրած էր հա­յաս­պան թուրք պե­տու­թեան բա­նա­կը, այ­դու­հան­դերձ՝ ցա­րա­կան զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը ոչ միայն չու­զեց քայլ մը եւս յա­ռաջ եր­թալ, այ­լեւ ո­րո­շեց նա­հան­ջել դէ­պի 1878ի ռուս-թրքա­կան սահ­մա­նա­գի­ծը՝ իր հետ գաղ­թի դա­տա­պար­տե­լով, ­Կա­րի­նէն ու ­Սա­սու­նէն մին­չեւ ­Վան, հա­րիւր-հա­զա­րա­ւոր հա­յու­թիւն։

Մեծ Ե­ղեռ­նէն մա­զա­պուրծ փրկո­ւած ա­րեւմ­տա­հա­յու­թիւ­նը, այդ­պէ՛ս, ռու­սա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջին հետ, ար­ցուն­քը աչ­քե­րուն՝ գաղ­թա­կա­նի ցու­պով եւ ո­տա­բո­պիկ, ա­կա­մայ պար­պեց հա­զա­րա­մեակ­նե­րու իր Եր­կի­րը ու որ­բի եւ սո­վի բազ­մու­թիւն­նե­րով թա­փե­ցաւ Ա­րա­րա­տեան ­Դաշտ ու Ե­րե­ւան։

Ա­րեւմ­տա­հա­յոց ա­ռա­ջին հա­մա­գու­մա­րին մաս­նակ­ցե­ցան ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան բո­լոր հա­տո­ւած­նե­րը ներ­կա­յաց­նող ա­ւե­լի քան 66 պատ­գա­մա­ւոր­ներ՝ ա­ռա­ւե­լա­բար Դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րած հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շուրջ ե­րես­նա­մեայ պայ­քա­րին մէջ թրծո­ւած ա­նո­ւա­նի ֆե­տա­յի­նե­րու եւ գոր­ծիչ­նե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Նոյ­նինքն Անդ­րա­նիկ պա­տո­ւոյ նա­խա­գահ ընտրո­ւե­ցաւ Ա­րեւմ­տա­հա­յոց Ա­ռա­ջին Հա­մա­գու­մա­րին, որ իր աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւար­տեց՝ ցե­ղաս­պան ո­սո­խին դէմ կուրծք ցցե­լու եւ մին­չեւ վեր­ջին շուրջ վե­րապ­րող ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար պայ­քա­րե­լու վճռա­կան ո­րո­շու­մով։ ­Մա­նա­ւանդ որ ցե­ղաս­պա­նը, ռու­սա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջէն քա­ջա­լե­րո­ւած եւ իր վեր­ջին ու­ժերն ու զօր­քե­րը հա­ւա­քած՝ կ­’ար­շա­ւէր Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի ուղ­ղու­թեամբ, ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նի կոր­ծան­ման եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման հա­մաթր­քա­կան իր ե­րա­զին ի­րա­գոր­ծու­մը։

Ա­րեւմ­տա­հա­յոց Ա­ռա­ջին ­Հա­մա­գու­մա­րէն ետք, մին­չեւ 1919ի ­Փետ­րո­ւար 6ը, ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թեամբ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին հանգ­րո­ւան նո­ւա­ճե­ցին՝ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մով եւ ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեամբ։

Ար­դէն ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի մա­նուկ ­Հան­րա­պե­տու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ, ա­րեւմ­տա­հա­յու­թիւ­նը վերս­տին ի մի ե­կաւ եւ ձեռ­նար­կեց Ազ­գի ու ­Հայ­րե­նի­քի հե­տա­գայ ու­ղին հու­նա­ւո­րե­լու, բայց մա­նա­ւանդ վե­րապ­րող հա­յու­թեան ը­նե­լի­քը ո­րո­շե­լու կո­չո­ւած Ա­րեւմ­տա­հա­յոց Երկ­րորդ ­Հա­մա­գու­մա­րին։

Երկ­րոր­դին ներ­կայ չե­ղան ­Ռոս­տո­մի, Ա­րա­մի եւ Անդ­րա­նի­կի տա­րո­ղու­թեամբ ղե­կա­վար դէմ­քե­րը։ ­Ռոս­տոմ եւ Ա­րամ նոր մա­հա­ցած էին։ Իսկ Անդ­րա­նիկ քէն­ցած էր հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան եւ հայ­րե­նի­քի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան կեան­քը ղե­կա­վա­րող ե­րէ­կի իր դաշ­նակ­ցա­կան ըն­կեր­նե­րէն, ո­րոնց­մէ շա­տե­րուն հետ միաս­նա­բար, կողք-կող­քի, կռո­ւած էին եր­կար տա­րի­ներ՝ թրքա­կան ա­նի­րա­ւու­թեանց, խժդժու­թեանց եւ ջար­դա­րա­րու­թեան դէմ։

Այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին փաս­տօ­րէն ստեղ­ծո­ւած էր պատ­մա­կան այն­պի­սի՛ ի­րա­վի­ճակ, ուր կոր­ծա­նուած ու հա­յա­թա­փո­ւած բուն Երկ­րին փո­խա­րէն, Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի մէկ փոքր շեր­տին՝ Ա­րա­րա­տեան ­Դաշ­տին վրայ, հայ ժո­ղո­վուր­դը միաս­նա­բար նո­ւա­ճած էր իր ազ­գա­յին ան­կա­խու­թիւ­նը եւ լծո­ւած էր իր պե­տա­կա­նու­թեան կա­ռու­ցու­մին։

Նո­րաս­տեղծ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը իբ­րեւ լիար­ժէք հա­յոց ան­կախ պե­տու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լու դժո­ւա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դը։ Ոչ միայն Ա­րա­րա­տեան ­Դաշտ ա­պաս­տա­նած գաղ­թա­կան ա­րեւմ­տա­հա­յու­թիւ­նը, ոչ միայն ­Պո­լիս մնա­ցած, Ա­րա­բա­կան Աշ­խարհ տա­րագ­րո­ւած, կամ ­Պալ­քան­ներ ու Եւ­րո­պա­յէն մին­չեւ Ա­մե­րի­կա­ներ սփռո­ւած ա­րեւմ­տա­հայ բազ­մու­թիւն­նե­րը, այ­լեւ ամ­բողջ տաս­նա­մեակ­ներ դէ­պի Եր­կիր սե­ւե­ռած ա­րե­ւե­լա­հա­յու­թիւ­նը ի վի­ճա­կի չէին ա­րա­գօ­րէն պատ­շա­ճե­լու նոր կա­ցու­թեան։

Այդ ա­ռու­մով մաս­նա­կի կամ զուտ անձ­նա­կան բնոյթ չու­նէին նոյ­նինքն Անդ­րա­նի­կի ան­հաշտ հա­կադ­րու­թիւնն ու մեր­ժո­ղա­կան կե­ցո­ւած­քը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նկատ­մամբ։ ­Նո­րան­կախ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը «Ա­րա­րա­տեան ­Հան­րա­պե­տու­թիւն» նկա­տե­լու եւ զայն իբ­րեւ «թուր­քի նո­ւէր»ը մեր­ժե­լու Անդ­րա­նի­կի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան դիր­քո­րո­շու­մը ախ­տա­վա­րակ բնոյթ ստա­ցած էր հայ ժո­ղո­վուր­դի այդ օ­րե­րու մտայ­նու­թեանց մէջ։ ­Փա­րի­զի, ­Լոն­տո­նի ու եւ­րո­պա­կան այլ մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու բե­մա­հար­թակ­նե­րուն վրայ, ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի բար­ւոք լուծ­ման հա­մար բո­լոր ու­ժե­րով քա­ղա­քա­կան ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան պայ­քար մղող Ազ­գա­յին ­Պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը՝ Պօ­ղոս ­Նու­պա­րի գլխա­ւո­րու­թեամբ, իր կար­գին կ­’ա­ռաջ­նոր­դո­ւէր ու բազ­մու­թիւն­ներ կ­’ա­ռաջ­նոր­դէր միեւ­նոյն՝ Անդ­րա­նի­կի դրսե­ւո­րած պա­ռակ­տիչ մօ­տե­ցում­նե­րով։ Այն աս­տի­ճան, որ մին­չեւ իսկ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ար­տա­սահ­մա­նեան ղե­կա­վար գոր­ծիչ­ներ հա­կա­մէտ էին Ազ­գա­յին ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ընտ­րած ու­ղիով գոր­ծե­լու եւ երկ­րոր­դա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­լու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշ­տօ­նա­կան Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան նա­խա­ձեռ­նած քայ­լե­րուն։

Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի խիտ, այ­լեւ դի­պուկ ախ­տա­ճա­նա­չու­մով՝ դէմ յան­դի­ման այդ բո­լոր վե­րա­պա­հու­թիւն­նե­րուն, «ընդ­հա­կա­ռա­կը, Ա­րա­րա­տեան ­Հան­րա­պե­տու­թեան» կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ա­մէն կերպ աշ­խա­տում էր վե­րաց­նել այդ խոր­թու­թիւ­նը եւ, առ­հա­սա­րակ, հա­տո­ւա­ծա­կան խնդի­րը ­Հա­յաս­տա­նում — մի գործ, որ, ի հար­կէ, հեշտ չէր այն ժա­մա­նա­կո­ւայ պայ­ման­նե­րում։

Տաս­նեակ տա­րի­ներ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը դաս­տիա­րա­կո­ւել էր այն ուղ­ղու­թեամբ, որ ­Հա­յաս­տա­նը այն­տե՛ղ էր, ­Բար­թո­ղեան լեռ­նաշղթա­յի միւս կող­մը. ­Հայ­կա­կան ­Հարց, Հա­յաս­տա­նի ինք­նա­վա­րու­թիւն, հայ պե­տու­թիւն կա­րող էր լի­նել միայն Թիւր­քա­հա­յաս­տա­նում եւ, յան­կարծ, բո­լո­րո­վին չսպա­սո­ւած տե­ղից՝ մէջ­տե­ղը բռնում է ինչ որ մի «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն» — մար­սե­լի՞ բան էր այդ։ ­Յե­տոյ, այդ «­Հան­րա­պե­տու­թեան» մէջ դեռ շատ բա­նից՝ օ­րէնք­նե­րից ու լե­զո­ւից սկսած մին­չեւ ներ­քին կար­գե­րը, մին­չեւ հան­րա­յին կեն­ցաղն ու բար­քե­րը՝ ռու­սի հոտ էր բու­րում։
Ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան մտքին ու զգաց­մունք­նե­րին այդ բա­նը խորթ էր, ան­հա­րա­զատ։ Ուս­տի եւ զար­մա­նա­լի չէ, որ ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին օ­րե­րից հէնց նրանք սկսել էին մտա­ծել «ինք­նո­րոշ­ման», ի­րենց քա­ղա­քա­կան դիրքն ու ըն­թաց­քը ո­րո­շե­լու մա­սին։ Այդ նպա­տա­կին ծա­ռա­յեց Ա­րեւմ­տա­հայ Երկ­րորդ ­Հա­մա­գու­մա­րը»։

Պատ­մա­կան դառն ու դա­ժան ի­րո­ղու­թիւ­նը այն է, որ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգն­ման ա­ռա­ջին փու­լէն իսկ ե­րե­ւան ե­կան «­Մենք»ի եւ «Ն­րանք»ի, «ա­րեւմ­տա­հայ»ու եւ «ա­րե­ւե­լա­հայ»ու բա­ժա­նում­նե­րը, ո­րոնք ո­րոշ պա­հե­րու եւ պա­րա­գա­նե­րու սուր հա­կադ­րու­թեանց ու երկ­փեղկ­ման պատ­ճառ դար­ձան։

Ա­րեւմ­տա­հա­յոց Երկ­րորդ ­Հա­մա­գու­մա­րը թէեւ իր աշ­խա­տանք­նե­րը սկսաւ նման մթնո­լոր­տի մէջ եւ ըն­թա­ցաւ հա­մա­պա­տաս­խան բուռն վէ­ճե­րու ար­ծար­ծու­մով, այ­սու­հան­դերձ՝ իր աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւար­տեց ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան ո­գին ամ­րապնդե­լու ընդ­հա­նուր յանձ­նա­ռու­թեամբ։

Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րո­ւան վար­չա­պետ ­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նիի կա­ռա­վա­րու­թիւնն ու ա­տե­նի Հ.Յ.Դ. ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ոչ մէկ ճիգ խնա­յե­ցին, որ­պէս­զի Ա­րեւմ­տա­հա­յոց Երկ­րորդ ­Հա­մա­գու­մա­րը ու­նե­նայ լայն ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան բնոյթ, ա­զատ ար­տա­յայ­տու­թեան բեմ դառ­նայ հայ քա­ղա­քա­կան բո­լոր հո­սանք­նե­րուն հա­մար եւ, մա­նա­ւանդ, ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան գե­րա­գոյն շա­հե­րուն պաշտ­պան կանգ­նե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւի իր մէկ-շա­բա­թեայ աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին։

Հա­մա­գու­մա­րը նա­խա­պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ միջ-կու­սակ­ցա­կան լայն խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք ար­դիւ­նա­ւո­րո­ւե­ցան 1918 թո­ւա­կա­նի ­Դեկ­տեմ­բեր 19ին, երբ ի վեր­ջոյ կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ ­Հա­մա­գու­մա­րի կազ­մա­կեր­պիչ միջ-կու­սակ­ցա­կան մար­մի­նը։ ­Կազ­մա­կեր­պիչ ­Մարմ­նի ան­դամ­ներն էին՝ Գ­րի­գոր ­Պուլ­ղա­րա­ցի, Սմ­բատ, Վ. Տէ­րո­յեան, Ռ. Դ­րամ­բեան, Ա. ­Սա­սու­նի, Վ. ­Յո­խի­կեան, Յ. Մ­խի­թա­րեան, Ա. ­Կի­տուր եւ Ն. Պուռ­նու­թեան։

Հա­մա­գու­մա­րի կազ­մա­կերպ­ման ծախ­սե­րուն հա­մար վար­չա­պետ ­Քա­ջազ­նու­նիի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը տրա­մադ­րեց 35 հա­զար ռուբ­լի։

Հա­մա­գու­մա­րի բաց­ման սկզբնա­կան թո­ւա­կան ճշդո­ւած էր 1919ի ­Յու­նո­ւար 25ը, բայց ժամ­կէ­տը յար­գե­լու դժո­ւա­րու­թիւն ու­նե­ցող շրջան­նե­րու դի­մու­մին ըն­դա­ռա­ջե­լով՝ Կազ­մա­կեր­պիչ ­Մար­մի­նը ո­րո­շեց 6 ­Փետ­րո­ւար 1919ին կա­տա­րել ­Հա­մա­գու­մա­րի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը։

Փետ­րո­ւար 4ին եւ 5ին, ­Կազ­մա­կեր­պիչ ­Մար­մի­նը վերջ­նա­կան ձե­ւի մէջ դրաւ Հա­մա­գու­մա­րի օ­րա­կար­գը, որ պի­տի բաղ­կա­նար ե­րեք մեծ գլուխ­նե­րէ.-

Ա.- Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի գաղ­թա­կան հա­յու­թեան քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րու ձե­ւա­կեր­պումն ու ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը։
Բ.- Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի գաղ­թա­կան հա­յու­թեան ներ­գաղ­թի խնդի­րը եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։
Գ.- Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի գաղ­թա­կան հա­յու­թեան ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ու հա­շո­ւե­յար­դա­րի մարմ­նի ընտ­րու­թիւ­նը։

Կազ­մա­կեր­պիչ ­Մար­մի­նը նաեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցուց ինչ­պէս ­Հա­մա­գու­մա­րի նա­խա­գա­հու­թեան կազ­մին, նոյն­պէս եւ յանձ­նա­խում­բե­րուն եւ զե­կու­ցա­բեր­նե­րուն մա­սին։ ­Հաս­տա­տո­ւե­ցան ­Հա­մա­գու­մա­րի ե­րեք նա­խա­գահ­նե­րը.- Գր. ­Պուլ­ղա­րա­ցի, Վ. Տէ­րո­յեան եւ Վ. Քր­մո­յեան։ ­Նաեւ՝ եր­կու քար­տու­ղար­նե­րը.- Ա. ­Կի­տուր եւ Յ. Վար­դա­պե­տեան։ ­Կազ­մա­կեր­պիչ ­Մարմ­նի կող­մէ քա­ղա­քա­կան զե­կոյ­ցը յանձ­նա­րա­րո­ւե­ցաւ Բժ. ­Պո­նա­փար­թեա­նին։

Հա­մա­գու­մա­րին պատ­գա­մա­ւո­րու­թիւ­նը կազ­մո­ւե­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին քո­ւէար­կու­թեամբ։ 55 ընտ­րո­ւած պատ­գա­մա­ւոր­ներ մաս­նակ­ցե­ցան ­Հա­մա­գու­մա­րին։ ­Սի­սիա­նի, ­Ղա­մար­լո­ւի եւ ­Դա­րա­լա­գեա­զի գաղ­թա­կան­նե­րը չկրցան կա­տա­րել ի­րենց պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ընտ­րու­թիւ­նը, իսկ ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի գաղ­թա­կա­նու­թեան ընտ­րած պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը չներ­կա­յա­ցան ­Հա­մա­գու­մա­րին։
Այդ­պէ՛ս, 6 ­Փետ­րո­ւար 1919ին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Խոր­հուր­դի նիս­տե­րու սրա­հին մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը Ա­րեւմ­տա­հա­յոց Երկ­րորդ ­Հա­մա­գու­մա­րին, ո­րուն բաց­ման հան­դի­սու­թեան նա­խա­գա­հու­թիւ­նը վա­րեց Գր. ­Պուլ­ղա­րա­ցի։

Վար­չա­պետ Յ. ­Քա­ջազ­նու­նի ող­ջոյ­նի պաշ­տօ­նա­կան խօս­քով ե­լոյթ ու­նե­ցաւ եւ յոր­դո­րեց Հա­մա­գու­մա­րի մաս­նա­կից­նե­րը, որ յաղ­թա­հա­րեն հա­յու­թեան հա­տո­ւա­ծա­կան բա­ժա­նում­նե­րը եւ ­Հա­մա­գու­մա­րէն դուրս գան միա­կամ ու վճռա­կան։

Քն­նար­կում­նե­րը ե­ղան բուռն, հա­կադ­րու­թիւն­նե­րը՝ սուր, բայց ի վեր­ջոյ հա­մա­գու­մա­րը յան­գե­ցաւ այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ նոյ­նինքն Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի վե­րա­տի­րաց­ման եւ աս­տան­դա­կան դար­ձած ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան Եր­կիր վե­րա­դար­ձին հա­մար՝ կար մէկ ու միակ ու­ղի, որ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­տա­րա­զումն էր ու հռչա­կու­մը՝ Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն՝ հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րուն ըն­դար­ձա­կու­մը դարձ­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռաջ­նա­յին եւ ա­ւագ պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը։
Այդ­պէ՛ս ալ ե­ղաւ։

Ա­րեւմ­տա­հա­յոց Երկ­րորդ ­Հա­մա­գու­մա­րէն ներշն­չո­ւած՝ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն։ Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի վար­չա­պե­տու­թեամբ կազ­մո­ւե­ցաւ նոր կա­ռա­վա­րու­թիւն, ո­րուն ա­նու­նով՝ վար­չա­պետ ­Խա­տի­սեան 28 ­Մա­յիս 1919ին պաշ­տօ­նա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի ­Խորհր­դա­րա­նին ներ­կա­յա­ցուց Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ Հա­յաս­տա­նի ի­րա­գործ­ման ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծե­լու իր կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դառ­նա­լի յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։

Ա­ւե­լի ուշ, աշ­նա­նա­մու­տին՝ ­Սեպ­տեմ­բեր 1919ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ին­նե­րորդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը նաեւ ծրագ­րա­յին ուժ տո­ւաւ Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի հան­գա­նա­կին։

99 տա­րի ա­ռաջ, ­Փետ­րո­ւար 6-13ին գու­մա­րո­ւած Ա­րեւմ­տա­հա­յոց Երկ­րորդ ­Հա­մա­գու­մա­րը փաս­տօ­րէն հու­նա­ւո­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան ձգտում­նե­րուն եւ ազ­գա­յին գե­րա­գոյն շա­հե­րուն ի­րա­կա­նաց­ման հե­տա­գայ ու­ղին՝ ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տա­նի եւ ամ­բող­ջա­կան հա­յու­թեան ազ­գա­յին հան­գա­նա­կը ամ­րագ­րե­լով։

Ն.

 

Անդրադարձ. Վատ Ընտրանքներ

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Կիրակի, 11 փետրուարին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալընի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան խորհրդատու Հըրպըրթ Մաքմասթըրի հանդիպումը: Թուրքիոյ նախագահական պալատը հաղորդեց. «Մանրամասնօրէն քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունեցող հարցերը»: Այլ խօսքով` անոնց լուծման ուղղութեամբ որեւէ յառաջդիմութիւն չէ արձանագրուած: Մէկ օր ետք, թրքական դիւանագիտութեան պետ Մեւլութ Չաւուշօղլու սպառնաց, թէ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները կա՛մ պիտի կարգաւորուին, կա՛մ ալ ամբողջութեամբ պիտի վատթարանան` աւելցնելով, որ իր երկիրը կորսնցուցած է Ուաշինկթընի նկատմամբ իր հաւատքը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, ըստ իր սովորութեան, քայլ մը անդին գնաց` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միացեալ Նահանգներու պայքարը նկատելով թատրոն մը, որ այժմ վերածուած է Թուրքիոյ դէմ պայքարի: Ան նաեւ պատասխանելով ամերիկացի հրամանատարի մը Մընպեժի դէմ թրքական յարձակումի մը կարծր պատասխան տալու գծով յայտարարութեան, սպառնաց ամերիկեան ուժերուն «օսմանեան բռունցքը» ցոյց տալ:

Այս բոլոր ազդանշանները մտածել կու տան, որ Թիլըրսընի Թուրքիա այցելութիւնը արդիւնաւէտ պիտի չըլլայ: Մինչ ամերիկեան կողմը լաւագոյն պարագային թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու առաւել վատթարացումէ մը կամ յոռեգոյն պարագային ՕԹԱՆ-ի մեծ հարուած մը հասցնող` դաշնակից ուժերու միջեւ բախումի մը մտավախութենէն մղուած կը փորձէ ողջմիտ կեցուածքի վրայ մնալ: Թրքական կողմը կը շահագործէ իր դաշնակիցին այդ մտավախութիւնը եւ կը շարունակէ բարձրացնել կարծր կեցուածքներու նշանակը:

Այնքան ատեն, որ թրքական կողմին ամբարտաւանութիւնը խօսքերու սահմանին մէջ է, կացութիւնը տանելի է, սակայն հարցերը կտրուկ կերպով կրնան փոխուիլ, եթէ Էրտողան իր խօսքը գործի վերածէ, եւ թրքական ուժերը յանդգնին գրոհել Մընպեժի վրայ: Այդ պարագային Ուաշինկթըն ինքզինք պիտի գտնէ երկու վատ ընտրանքներու առջեւ. նախայարձակ թրքական ուժերը հարուածելով մեծ վնաս պատճառել ՕԹԱՆ-ին ու անոր վարկին, կամ նահանջել եւ վնասել իր իսկ վարկին: Ամերիկեան կողմին համար տրամաբանական ընտրանքը պիտի ըլլայ հարուածել այդ ուժերը, որովհետեւ նախայարձակ կողմը ինքն է, որ հարուածած կ՛ըլլայ ՕԹԱՆ-ն ու անոր վարկը եւ ոչ թէ ինքնապաշտպանութեան դիմողը:

Նկատի ունենալով Անգարայի, Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ սիրախաղերը եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքին դէմ կեցուածքները, թրքական այդպիսի արկածախնդրութիւն մը չի կրնար ազդեցութիւն չունենալ Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան վրայ:

 

 

 

Անկրկնելի Պահեր

$
0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Արցախեան ազատագրական շարժումը մեզի պարգեւեց ազգային հպարտութեան, անպարտելիութեան, յոյսի ու յաղթանակի անսահմանելի զգացումներ, ապրումներ:

Շարժումը մեզի ներարկեց նոր ոգի, նոր շունչ:

Ամբողջ սերունդի մը ծով զոհաբերութեամբ, հազարաւորներու կեանքի գնով պատմակա՛ն անկիւնադարձ ապրեցանք. կորսնցուցած հայրենի հողէն պատառ մը փրկուեցաւ` ապացուցելով, որ բռնակալներու քմայքով գծուած քարտէսները յաւերժական չեն, եւ որ մեր մեծ երազը` միացեալ, ազատ, անկախ Հայաստանը անիրականանալի չէ՛:

Արցախեան շարժումի նուիրեալներուն առջեւ մենք բոլորս այսօր պարտք մնացած ենք:

Պարտք ենք` ազատագրուած տարածքները բնակեցնելու.

Պարտք ենք Արցախի ժողովուրդին եւ առաջին հերթին` զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, ապա եւ` պայքարին ուղղակի կամ անուղղակի մասնակիցներու բարօրութեան:

Պարտք ենք Հայաստանի՛ն, անկախութեան բերկրանքը լիարժէքօրէն վայելելու անոր իրաւունքին:

Պարտք ենք սփիւռքի մեր երիտասարդութեան` դէպի հայրենիք իրենց աչքերը սեւեռելու մթնոլորտ ձեւաւորելու: Ազատամարտիկներու հոյակապ սխրանքին ժառանգորդները զգալու ամէ՛ն իրաւունք ունին անոնք. մե՛նք ենք, որ այդ իրաւունքի գիտակցութեան փոխանցումը կը շարունակենք ձախողեցնել` մեր թափթփածութեամբ, մեր անհետեւողականութեամբ, անծրագիր աշխատելու մեր սովորութեամբ:

Ժամանա՛կն է մեր պարտքերը տոկոսով վերադարձնելու Շարժումին:

Ժամանա՛կն է թօթափելու անցեալի մեր սխալներու ճնշումին տակ անկարողութեամբ տապլտկելու, ողբերով, լալկանութեամբ ու ափսոսանքներով բաւարարուելու հոգեվիճակը: Ժամանա՛կն է անհաշտ կռուի դուրս գալու` համակերպումի ու անձնատուութեան զգայնութիւններուն դէմ:

Անկախ հայրենիք ունինք, անկախ պետականութիւն ունինք: Տէ՛ր ըլլանք մեր պարտականութիւններուն, տէ՛ր ըլլանք արցախեան շարժումին, տէ՛ր ըլլանք անոր հերոսական դրուագներէն ճառագայթող պատգամին: Հայրենիքը սո՛ւրբ է` իր ժողովուրդով հանդերձ:

 

 


Հանդարտ Զրոյց` Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Հետ («Մարմարա»-ի Խմբագրութիւնը Ստանձնելուն 50-ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Լ. Շ.- Եկէ՛ք` անցում մը ընենք դէպի ձեր խմբագրապետութեան երրորդ տասնամեակը, այսինքն` 1987-1997 երկարող շրջանը: Ասիկա ժամանակահատուած մըն է, երբ հայաշխարհը զօրաւոր ցնցումներ ու եռեւեփումներ ապրեցաւ, բախտորոշ եղելութիւններ յաջորդեցին մէկը միւսին.  Հայաստանի մեծ երկրաշարժը (1988 դեկտեմբեր), ղարաբաղեան շարժման սկիզբը եւ հայ-ազերի պատերազմը, Հայաստանի անկախացումը (1991), Հայաստանէն դէպի օտար ափեր մտահոգիչ արտագաղթը, Վազգէն Ա. կաթողիկոսին վախճանումը (1994), Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին անսպասելի ընտրութիւնը` իբրեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս (1995) եւ այլն, եւ այլն:

Ես յստակօրէն նկատեր եմ, որ Հայաստանի անկախութենէն ետք «Մարմարա»-ի մէջ կրկնապատկուեցան ու նոյնիսկ եռապատկուեցան այն լուրերը, որոնք կը վերաբերին մեր հայրենիքին քաղաքական, ընկերային ու մշակութային առօրեային: Բաւական անկաշկանդ ոճով ու ազատ մերձեցումով սկսաք յաճախակիօրէն արտայայտուիլ նաեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան մասին (օրինակ` Ծիծեռնակաբերդի ոգեկոչումներուն կ՛արձագանգէք Ա. էջի ճակատէն, լուսանկարներո՛վ…): Ասիկա ինչի՞ արդիւնքն է: Երկրին մամլոյ օրէնքնե՞րն էին, որ հետզհետէ աւելի թոյլատու դարձան, թէ՞ դուք ձեզ, իբրեւ հայատառ թերթ, քաջալերուած կը զգայիք թուրք ազատախոհ մամուլին մէջ երեւցող ու պետական պաշտօնական տեսակէտը արհամարհող յանդուգն հրապարակումներէն:

Այս նոյն տասնամեակը պոլսահայ գաղութին դիտանկիւնէն ալ կրնայ ճակատագրական կամ «բեկումնային» նկատուիլ: Շնորհք պատրիարքին արկածահար վախճանումը Ս. Էջմիածնայ մէջ (1990) այդ տարուան ամէնէն ցնցիչ լուրն էր հաւանաբար: Բայց «Մարմարա»-ն, որուն աշխատակիցն էր մեծանուն պատրիարքը, այդ տարիներուն պիտի կորսնցնէր իր աշխատակիցներէն հոյլ մը եւս.  Նուպար Ազարեան (1991), Արմենուհի Թերզեան (1992), արձակագիր Անդան Էօզեր (1994), ֆանթեզիներու անկրկնելի վարպետ Սիմոնիկ Մելիքսեթեան (1993), Վարդ Հազըրեան (1996) եւ այլք:

Դուք Շնորհք պատրիարքը ճանչցեր էք շատ մօտէն, իր մասին գիրքեր գրեր էք: Կրնա՞ք բացատրել, թէ անոր մեկնումով, համայնքային կեանքին մէջ ճշգրտօրէն ի՞նչ կամ ինչե՞ր փոխուեցան: Ո՞ր սրբազան քարերը իրենց տեղէն խախտեցան: Ո՞ր յենասիւնն է, որ փշրուեցաւ, ու ատիկա այնուհետեւ կարելի չեղաւ վերականգնել…

Ռ. Հ.- Իմ խմբագրապետութեան երրորդ տասնամեակին մասին կը խօսիս ու կ՛ըսես, որ այս տասնամեակը լեցուն էր ցնցիչ ու բախտորոշ պատահարներով: Ճիշդ է, բայց միաժամանակ կը ստիպուիմ հարցնելու, թէ ո՞ր տասնամեակը արդեօք կարեւոր բազմաթիւ պատահարներով լեցուն չէ:

Այն շրջանը, որուն մասին կը խօսիս` ակնարկելով նաեւ Շնորհք պատրիարքի վախճանման, իսկապէս բախտորոշ շրջան եղաւ մեր համայնքին համար, որովհետեւ Շնորհք պատրիարքին վախճանումը չափազանց ծանր հետեւանքներ պիտի ունենար:

Շնորհք պատրիարքը յաջորդած էր Գարեգին Տրապիզոնիին` Գարեգին Խաչատուրեան պատրիարքին, գագաթային դէմք` մեր եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Կարեւոր պաշտօններ ստանձնող մարդոց համար շատ դժուար է յաջորդել արտակարգ արժէք ներկայացնող նախորդի մը, որովհետեւ նախորդին նկատմամբ զգացուած սէրն ու յարգանքը պատի նման կը բարձրանայ  յաջորդին առջեւ: Այս տեսակէտով, դժուար էր Շնորհք պատրիարքին գործը: Բայց Աստուծոյ օգնութեամբ լոյս մը վառեցաւ Շնորհք պատրիարքի կեանքին ու կարողութիւններուն մէջ, եւ ան կրցաւ կամաց-կամաց դառնալ դէմք մը, որ այլեւս նախորդը փնտռել չէր տար: Ասիկա միայն Շնորհք պատրիարքին բախտաւորութիւնը չէր, այլ բախտաւորութիւնն էր ամբողջ մեր համայնքին, պիտի ըսեմ` ամբողջ մեր ժողովուրդին: Պոլսահայութիւնը Շնորհք պատրիարքի օրով ապրեցաւ Խաչատուրեան պատրիարքի օրով ստեղծուած մթնոլորտէն աւելի՛ աշխուժ ու ծաղկեալ մթնոլորտ մը: Ոսկեդար մըն էր ասիկա: Համայնքը երբեք այնքան զօրացած չէր, որքան զօրացաւ, որքան միաբան դարձաւ Շնորհք պատրիարքի օրով: Ասիկա դեռ ալ կրնար շարունակուիլ, եթէ Ս. Էջմիածնի վեհարանին մէջ այդ տխուր ու անիծեալ արկածը չպատահէր: Եւ պատահեցաւ ճակատագրականը: Շնորհք պատրիարքին յաջորդը չկրցաւ մոռցնել տալ Շնորհք պատրիարքը:

Արդարեւ, Գազանճեան պատրիարքին համար ալ շատ դժուար էր յաջորդել Շնորհք պատրիարքի նման հոգեւորականի մը, եւ ան չկրցաւ յաղթահարել այդ դժուարութիւնը: Իսկ Մեսրոպ պատրիարք (որ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր մահաքունի մէջ է) անկէ առաջ շատ փայլուն յոյսեր ներշնչած էր մեզի, ու այդ յոյսերն ալ արդէն իրականանալու ճամբուն վրայ էին: Միայն թէ որդ մը կար, որ ներքնապէս կը կրծէր: Մեսրոպ սրբազանին հիւանդութիւնն էր այդ, որ տեսանելի չէր եւ ատով իսկ շատ աւելի վնասակար ու քանդիչ էր: Ճշմարտութիւնը օր մը յանկարծ պայթեցաւ, Մեսրոպ սրբազանին հիւանդութիւնը անտեսանելիէն անցաւ տեսանելիի, սրբազանը մտաւ մահաքունի մէջ, եւ ատիկա կը շարունակուի առ այսօր: Ամէնէն ձախորդ պատրիարքն անգամ այնքան դժբախտութիւն պիտի չկարենար ստեղծել մեր համայնքին համար, որքան պիտի ստեղծէր ու դեռ ալ կը շարունակէ ստեղծել այս անիծեալ հիւանդութիւնը: Այնպէս եղաւ, որ մենք պատրիարք թէ՛ ունէինք, թէ՛ չունէինք:

Այո՛, ինչպէս կ՛ըսես, ես այն բախտաւորներէն եմ, որոնք վայելեցին Շնորհք պատրիարքի գնահատանքն ու միասնութիւնը: Շնորհք պատրիարքը գրականութիւն կարդացող էր, եւ ինչպէս քանիցս պատմած եմ, երբ հրատարակեցի իմ «Առաստաղ» վէպը, պտոյտի մը ընթացքին ան խանդավառութեամբ ըսաւ.

– Տո՛ւր ձեռքդ ինծի:

Զարմացայ, ձեռքս երկարեցի, սեղմեց.

– Կը շնորհաւորեմ,- ըսաւ,- «Առաստաղ» վէպը շատ հետաքրքրական ու յաջող է:

Առաջին ու վերջին անգամ էր, որ Շնորհք պատրիարքը ինծի հետ կը խօսէր եզակի դէմքով, ու ասիկա ցոյց կու տար իր խանդավառութիւնն ու անկեղծութիւնը: Այնուհետեւ, ես մեծ հաճոյքով գրեցի Շնորհք պատրիարքին կենսագրութիւնը, որ եղաւ հոյակապ գիրք մը: Այսօր թերեւս ո՛չ մէկը կը յիշէ, որ ես Շնորհք պատրիարքին պաշտօնական կենսագիրը եղայ, բայց պատմութիւնը պիտի յիշէ:

Չմոռնանք, որ Շնորհք պատրիարք եղաւ նաեւ քաղաքական իմաստով շատ դժուար շրջանի մը պատրիարքը եւ ան բարեմիտ մարդ էր, ուղղախօս մէկը, մէկը, որ դիւանագիտական ճկունութիւններ ու նրբութիւններ չունէր, շիտակ մարդ էր: Մինչդեռ շրջանը թրքահայերու համար պայթուցիկ շրջան էր, ու դիւանագիտական լեզուն կենսական էր: Հարցումիդ մէջ կու տաս անուններ ու թուականներ: Ես այս մարզէ ներս լաւ զինուած չեմ: Թուականները կը թռին, կ՛երթան մտքիս մէջէն, յիսուն տարի առաջուանն ու այսօրուանը կարծես քով-քովի են: Յիշեալ տասնամեակի ընթացքին Վազգէն Ա. կաթողիկոսը կորսնցուցինք, ճիշդ է, ու Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընտրուեցաւ որպէս Էջմիածնի Գարեգին Ա. կաթողիկոս: Գարեգին կաթողիկոսը զիս շատ երջանկացուցած է իմ գրականութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած գնահատանքով: Պէյրութի մէջ տպել տուած է «Հայկական առածներ»-ու իմ գիրքիս երկրորդ տպագրութիւնը, իսկ Մայր Աթոռ անցնելէ ետք ալ տպել տուած է իմ գործերէս հոյակապ հատընտիր մը: Այդ գիրքին համար գրած էր նաեւ խանդավառ գրախօսական մը, ուր կ՛ըսէր, որ ես կը գրեմ այնպէս, ինչպէս կը խօսիմ, ու կը խօսիմ այնպէս, ինչպէս կը գրեմ: Բայց ի՜նչ մեղք, որ անոր ալ կեանքը կարճատեւ եղաւ:

Կը յիշեցնես, որ այդ տասնամեակին կը զուգադիպի Հայաստանի երկրաշարժը: Մեզմէ ո՛չ մէկը կրնայ մոռնալ այդ անիծեալ երկրաշարժը: Ամէն տարի յարգանքով կը յիշատակենք այդ երկրաշարժին զոհերը: Եւ պիտի ըսեմ, որ արդէն Շնորհք պատրիարքն ալ այդ երկրաշարժին մէկ զոհը եղաւ, քանի որ վեհարանի մէջ սանդուխէն ինկաւ, երբ կ՛ուզէր երթալ Սպիտակ` մխիթարելու համար երկրաշարժէ տուժած ժողովուրդը:

Այդ տասնամեակին ուրիշ գրող սիրելի դէմքեր ալ կորսնցուցինք, այո՛: Անոնք գացին` առանց իրենց յաջորդները ձգելու: Հայ գրականութեան ողբերգութիւնն է ասիկա:

Հարցումիդ մէջ կէտ մըն ալ կայ Հայաստանի վերաբերեալ լուրերու մասին: Մեր ժողովուրդը միշտ հետաքրքրուած է Հայաստանի անցուդարձերով: Ճիշդ է, որ նախապէս շատ չէր խօսուեր այս մասին, յետոյ եկաւ թուական մը, երբ այլեւս յաճախակի կերպով սկսանք խօսիլ Հայաստանի մասին: Բայց պիտի ուզեմ մասնաւոր կերպով յիշեցնել, որ ես արդէն 1970 թուականին, երբ Հայաստան գացած էի, գրած էի «Օրագրիս տասնհինգ էջերը» գիրքս, որ այդ շրջանին համար բաւական խիզախ հրատարակութիւն էր:

 

Լ. Շ.- Տանս գրադարանին մէջ գուրգուրանքով կը պահեմ այն գեղատիպ ու թանկարժէք պատկերազարդ յուշամատեանը, որ 1987-ին լոյս ընծայուած է Պոլիս, Մխիթարեան սանուց միութեան կողմէ, ձեր ծննդեան վաթսունամեակին ու գրական գործունէութեան քառասնամեակին առիթով: Ապրող գրողի մը համար երջանկութիւն է այսպիսի հրատարակութիւն մը: Այնտեղ, Շնորհք պատրիարքէն սկսեալ, բազմաթիւ պոլսաբնակ երեւելի մտաւորականներ լայնօրէն ու տի՛րապէս արտայայտուած են ձեր մասին` վերլուծելով ձեր գրական ու խմբագրական ամբողջ աշխատանքը: Բայց նկատելի է, որ այդտեղ գրեթէ կը բացակայի հայաստանաբնակ գրողներու խօսքը, արժեւորումը: Բաւական տարիներ անց է, որ հայրենի գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեանը ուշադրութեամբ պիտի հակէր ձեր վաստակին վրայ ու վերլուծական առանձին հատոր մը պատրաստէր:

Հայաստանի մէջ այժմ դուք անծանօթ անուն մը չէք անշուշտ: Սակայն, գրողներու շրջանակէն դուրս, ժողովրդային մակարդակի վրայ, ձեր «Յուշատետր»-երը բաւարար ճանաչում կամ արձագանգ գտա՞ծ են այնտեղ:

Յետոյ, կան նաեւ «Յուշատետր»-ի թրքերէն թարգմանութիւնները: «Մարմարա»-ի շաբաթական թրքերէն յաւելուածին մէջ պարբերաբար կը տպուէին (դեռ կը տպուի՞ն) «Յուշատետր»-ի ընտրովի թարգմանութիւններ: Այս թարգմանութիւններուն արձագանգը ի՞նչ եղած է: Հայերէն մայր տարբերակին համազօր խանդավառութիւն կրցա՞ծ են յառաջացնել ատոնք:

Ռ. Հ.- Գիրքը, որուն մասին կը խօսիս, իմ ծննդեան վաթսունամեակին ու գրական գործունէութեան քառասնամեակին առիթով խմբագրուած էր Մաքրուհիին կողմէ: Այդ գիրքը իսկապէս ընտիր ու պատմական արժէք ներկայացնող գիրք է: Թէեւ այդ թուականէն մինչեւ այսօր շատ, չափազա՛նց շատ ջուր անցաւ կամուրջին տակէն, բայց եւ այնպէս, այդ գիրքը կը պահէ իր մնայուն արժէքը: Ինչ որ այդ գիրքէն մնայուն չէր, մեր աշխատակիցներն էին, հոն գրողներն էին: Գիրքը մնաց, բայց գրողներէ շատեր գացին: Ցաւալի է եւ իրական:

Յիշեալ գիրքին ամէնէն պատուաբեր մասը, բնականաբար, կը վերաբերի Շնորհք պատրիարքին գրութեան: Շնորհք պատրիարք մեծ գնահատանք ունէր «Մարմարա»-ի ու իմ գրականութեան մասին: Հոս պիտի արժէ, որ կարճ մէջբերում մը ընենք երջանկայիշատակ պատրիարքին` այդ գիրքին մէջ ինծի ուղղեալ օրհնութեան գիրէն.

«Դուք «Մարմարա» օրաթերթը վերածեցիք սփիւռքի մեր լաւագոյն թերթերէն մէկին` թէ՛ գրական եւ թէ՛ գաղափարական գետնի վրայ, թէ՛ լեզուական եւ թէ՛ տպագրական արուեստին մէջ: Եւ այս բոլորը` յաճախ ի գին հսկայ բարոյական ու նիւթական զոհողութիւններու: Մենք յատկապէս կ՛ուզենք գոհունակութեամբ յիշել ձեր ուղիղ, դրական ու պարկեշտ կեցուածքը` հանդէպ Ազգային պատրիարքարանին, որ կեդրոնը եւ գլուխն է մեր համայնքին»:

Այդ օրէն մինչեւ այսօր իմ մասին գրուածները եթէ մէկտեղուին, ո՜վ գիտէ, քանի՛ հատոր կը կազմուի, բայց ամէն բան` իր ատենին:

Ճիշդ է` Հայաստանի մէջ եթէ ճանաչում գտած եմ որպէս գրող, ատիկա ամէնէն առաջ կը պարտիմ Սուրէն Դանիէլեանին: Սուրէն Դանիէլեանն էր, որ առաջին անգամ հետաքրքրուեցաւ իմ գրականութեամբ, մանաւանդ` «Առաստաղ» վէպով: Կարդաց ու այդքանով չգոհացաւ, պատճառ դարձաւ, որ ուրիշներ ալ կարդան, գիրքը ծանօթացուց:

Իրականութեան մէջ այստեղ պէտք է սիրով յիշատակեմ իմ դպրոցական դասընկեր, Երեւանի մէջ նշանաւոր դարձած գրագէտ Գեղամ Սեւանը: Ան էր, որ առաջին անգամ Երեւանի մէջ ուշադրութիւն հրաւիրած էր իմ գործերուս վրայ, ան էր, որ Սուրէն Դանիէլեանին յանձնարարած էր հետաքրքրուիլ իմ գրականութեամբ:

Հայաստանի մէջ անունով ծանօթ ըլլալ կամ չըլլալը կարեւոր է հարկաւ, բայց միայն անունով ծանօթ ըլլալը կը բաւէ՞: Պէտք է որ գրական գործերդ ալ դրուին երկրի ընթերցողներուն ու մտաւորականներուն սեղաններուն վրայ ու կարդացուին: Հոս է, որ ծնունդ կ՛առնէ դժուարութիւնը, կամ` իմ դժուարութիւնը: Ինչպէ՞ս գիրքերս հասցնել Հայաստան: Պատրաստ ենք հարիւրաւոր գիրքեր նուիրելու, բայց ինչպէ՞ս տանիլ ու ինչպէ՞ս տեղ հասցնել: Այսքան երկար տարիներէ ի վեր ես այս հարցը չեմ կրցած լուծել: Ես գիտեմ, որ Հայաստանի մէջ ընթերցասէրներ մեծ թիւ կը կազմեն: Գիտեմ, որ անոնք գոհ պիտի ըլլան գիրքն ստանալով ու կարդալով: Հոս` աշխատասենեակէս ներս, մեծ թիւով հիւրեր կ՛ընդունիմ արտասահմանէն ու անոնցմէ շատերուն գիրք նուիրել կը փափաքիմ, բայց կը վարանիմ: Գիրքը յարգի պիտի անցնի՞, ծանրութիւն պիտի չըլլա՞յ ճամբորդութեան ընթացքին: Միայն Հայաստանէ եկողներու պարագային բնաւ վարանում չեմ ունենար, գիտեմ, որ եթէ գիրքս նուիրել առաջարկեմ, այցելուին աչքերը պիտի փայլին, պիտի ուրախանայ:

Ինչպէս առաջին օրը, նոյնպէս այսօր, այսինքն այսքան երկար տարիներ վերջ, դարձեալ շատ բան պարտական եմ Սուրէն Դանիէլեանին, որ իր «Սփիւռք» կեդրոնին մէջ իմ գրականութեան մասին շատ բան կը սորվեցնէ իր աշակերտներուն ու աշակերտուհիներուն:

Վերջին քսան տարիներու ընթացքին Հայաստանի սա կամ նա հեռատեսիլի կայանէն բազմաթիւ անգամներ ինծի հետ կատարուած հարցազրոյցներ սփռուեցան: Այս հաղորդումները կը կարծեմ թէ բաւական նպաստեցին, որպէսզի իմ անունն ու վաստակը տարածուի գրասէր շրջանակներէ ներս: Հայաստանի Գրողներու միութեան ամպիոնէն ալ բազմաթիւ անգամներ առիթը ունեցանք մեր խօսքը ուղղելու հայրենի ժողովուրդին: Ամէն անգամ որ ելոյթ ունեցած եմ, տեղացի մեր բարեկամներն ու մտաւորականները զիս շնորհաւորած եմ իմ «արեւմտահայերէն»-ին համար: Միշտ կարեւոր նկատած եմ հայրենի ժողովուրդին յիշեցնել, թէ որքա՜ն գեղեցիկ արեւմտահայերէն մը ունինք, եւ թէ` Հայաստանի պետութիւնը պէտք է սփիւռքին օգնէ, որպէսզի այդ արեւմտահայերէնը պաշտպանուի ու մնայ գործածութեան դաշտի վրայ: Ի՜նչ մեղք: Դուն ալ գիտես, թէ արեւմտահայերէնը ինչպիսի՛ նահանջի մը մէջ է սփիւռքեան տարածութեան վրայ: Հազա՛ր ափսոս: Միայն մենք չենք, որ պիտի կորսուինք օր մը, մեր սքանչելի լեզուն ալ պիտի կորսուի: Պոլիսը, որ այնքան հպարտ էր իր հայախօսութեամբ, հիմա ի՜նչ խղճալի պատկեր մը կը ներկայացնէ: Իրաւունք չունի՞նք հրաշքի մը սպասելու:

Ինչ կը վերաբերի «Յուշատետր»-ի թրքերէն թարգմանութիւններուն, իմ հարսս` Գարոլինն էր, որ բարեխղճութեամբ կը կատարէր այդ թարգմանութիւնները: Անոնք կարդացուեցան հարկաւ, բայց թէ ի՛նչ ազդեցութիւն ունեցան, չեմ գիտեր: Միշտ կը հաւատամ, որ թարգմանութիւնները չեն կրնար բռնել բնագրերուն տեղը: Գիրը լրիւ կը թարգմանուի, բայց մթնոլորտը չի թարգմանուիր:

(Շար. 4)

 

Գոհար Եզակի Երեւոյթը` Գիւմրիի Անթեղ Մոխիրներէն Յառնող Վահագնը

$
0
0

ՏԱՂ ՆԱՅԻՐԻ

Ի՞նչ է մշակոյթը, եթէ ոչ` ժողովուրդի մը էութիւնը դրսեւորող, արտայայտող, անոր հոգիին ընդերքը պեղող ու անկէ աստուածամերձ հուրը ժայթքեցնող սքանչելիք մը: Այդպէս եղաւ ԳՈՀԱՐ համոյթին ծնունդը` «Արագածին բազմած արծիւ»-ի ծոցէն: Արծիւ մը, որ տարերային ուժերն անգամ չկրցան տապալել ու զգետնել, այլ մնաց բարձունքի վրայ` խրոխտ, անկոտրում ու յաղթական: Գիւմրի՜, հայ մշակոյթի օրրան Գիւմրի, փա՜ռք հողիդ, անթեղ մոխիրներուն, որոնք կը շարունակեն ճարճատիլ ու ծնիլ հրաշքներ: Փա՜ռք «յարդագողի ճանապարհ»-ով բանուած արեգակնային այն օրուան, երբ մեծ երկունքէ մը ետք հողէդ յառնեց հայ մշակոյթի Վահագնը` ԳՈՀԱՐ-ը:

ԳՈՀԱՐ համոյթը, ինքնին երեւոյթ մը` Ֆենոմեն մը ըլլալով հանդերձ, անոր ստեղծումը Գիւմրիի մէջ դիպուած մը չէր: Ինչ որ անտեսանելի, գերմարդկային մատ մը միջամուխ դարձած էր եւ ի մի բերած գործարարն ու արուեստագէտը` այդ փառապանծ հողին վրայ:

Մօտ երկու տասնամեակէ ի վեր «Վահագն»-ը իր թեւերը սփռած` կը սաւառնի երկրէ երկիր, նահանգէ նահանգ, անխոնջ ու նպատակասլաց, իր գոհարները, իբրեւ մասունք, բաշխելով հայ կարօտ հոգիներուն:

Ինչո՞ւ այս պահուն յիշել ԳՈՀԱՐ համոյթը: Ինչո՞ւ զայն զետեղել մեր մեծերու պատուանդանին վրայ: «Արեւն ամպի տակ չի մնար» կ՛ըսէ առածը: Աշխատանքի մը արդիւնքը պայծառ արեւ է, զոր ոչ մէկ ամպ կրնայ խափանել: Իսկ ի՞նչ են այն անժամանցելի արժէքները, որոնք ԳՈՀԱՐ-ի ստեղծման ու անոր աշխատանքին հիմքը կը կազմեն:

ԳՈՀԱՐ իր գիւմրեցի տաղանդներու շնորհիւ` կրցաւ հայ երգի ու երաժշտութեան կոթողները վերամշակել, նոր գոյն ու երանգ տալ անոնց` միշտ հարազատ մնալով անոնց սրբութեան: Ան այս ձեւով հայ երգի գանձարանը պահեց ու պահպանեց, միեւնոյն ժամանակ զանոնք մատչելի դարձուց աշխարհասփիւռ նոր սերունդին, զանոնք ականատես դարձնելով իրեց մշակութային արժէքին, որպէսզի այդ մշակոյթով խարսխուին ու հպարտ կանգնին ընդդէմ ձուլումի հողմերուն:

ԳՈՀԱՐ, վերահասու ըլլալով հայ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ կենսական նկատելով հայ ուսուցիչի դերը այս ուղղութեամբ, պատուեց ու մեծարեց զայն` նիւթաբարոյական իր աջակցութեամբ: Իսկ ի՞նչն է մեզ հայ պահողը` մեր ոսկեղնիկը, որ իբրեւ մնացած միակ ժառանգ` հայ մայրը փոխանցեց իր զաւկին` անապատի աւազին վրայ գրելով…

ԳՈՀԱՐ մօր ու հօր նուիրուած երգերով խրատեց երիտասարդը` տէր կանգնելու ընտանիքին, ուր կայ սէր ու սրբութիւն:

ԳՈՀԱՐ երիտասարդութեան առջեւ բացաւ Կիլիկեան Հայաստանի պատմական փառահեղ էջերը` իր թագաւորներով ու դրօշներով, երիտասարդները գիտակցութեան հրաւիրելով եւ ականջալուր դարձնելով իրենց անցեալին ու պատմութեան:

ԳՈՀԱՐ իր ազգային ու ֆետայական երգերով կոչ ուղղեց երիտասարդութեան` միշտ զգօն ըլլալու եւ Հայ դատի իրագործման հետամուտ դառնալու:

ԳՈՀԱՐ օրինակը դարձաւ այն միտքին, որ անհատ մը առանձինն կրնայ հսկայ գործ մը կատարել, եւ որ` հայ անհատին դերը որքան ուժ կրնայ ունենալ մեր հաւաքականութեան մէջ:

ԳՈՀԱՐ եղաւ այն միակը, որ իր շուրջ հաւաքեց աշխարհասփիւռ հայութիւնը: Անոր համերգներուն ներկայ եղան հայ ազգի բոլոր զաւակները առանց տարիքի, սեռի, համայնքի, կուսակցական կամ միութենական կողմնորոշումներու ու խտրութեան:

ԳՈՀԱՐ 180 անդամներ տեղաշարժելով երկրէ երկիր` դարձաւ մեր ժամանակներու հայ երգի դեսպանը: Համաշխարհային չափանիշներով եւ արհեստագիտական արդի տուեալներով օժտուած ելոյթները, տեսասալիկներու ու խտասալիկներու մասնագիտական պատրաստութիւնը եւ ընդհանրապէս գերաստիճան բծախնդիր աշխատելաոճը ԳՈՀԱՐ-ը իրաւամբ կը դարձնեն հայ մշակոյթի եզակի երեւոյթներէն մէկը: ԳՈՀԱՐ-ը եղաւ այն ռահվիրան, որ հայ մշակոյթը տարածեց իր գերարդիական ոճով:

Ահա կը գտնուինք առաջին անկախութեան փառահեղ յաղթանակի100-ամեակի սեմին: Ասիկա մեզի առիթ մը ըլլայ` վերարժեւորելու մեր տարած բոլոր յաղթանակները եւ վերամշակելու նոր ու արդիական գործելաոճեր, որոնք ըլլան ճիշդ իրենց թիրախին ուղղուած` յանուն հայութեան համայնական շահերուն:

Հայոց լուսաւոր «Վիշապաքաղ Վահագն»-ը թող մարտնչի մութ ու չար վիշապներուն դէմ` արդիական «զէնք»-երով:

 

 

Տեսակէտ. Պոլսոյ Կրօնական Ժողովի Որոշումը…

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Երկար քաշքշուքէ ետք Պոլսոյ Կրօնական ժողովը Արամ արք. Աթէշեանը նշանակեց կամ աւելի ճիշդը վերանշանակեց Պոլսոյ պատրիարքարանի փոխանորդ:

Թուրքիոյ իշխանութեան «խնդրանք»-պարտադրանքը իրագործուեցաւ շնորհիւ Պոլսոյ պատրիարքարանի Կրօնական ժողովին եւ աշխարհական կարգ մը ջոջերու միջամտութեան, ինչպէս` Պետրոս Շիրինօղլու եւ նմանները:

Տասը միլիոն հայութեան կամքը ոտնակոխող այս որոշումը միա՛յն թրքական իշխանութիւնները գոհացնող քայլ մըն է: Յիշեցնելու գնով ըսենք.

Ա.- Երբ Գերմանիոյ խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունեց, Արամ արք. Աթէշեանը դատապարտեց որոշումը:

Բ.- Երբ թրքական զօրքերը Սուրիա ներխուժեցին, դարձեալ Արամ արք. Աթէշեան ողջունեց Թուրքիոյ իշխանութեան «քաջագործութիւնը»:

Փոխանակ խուսափելու, լռելու, անտեսելու կամ լուսարձակներէ հեռու մնալու, Արամ արք. կ՛ընէ հակառակը, ան շողոքորթի նման ամէն առիթի ելոյթ մը ունենալու աճապարանքի մէջ է: Անշուշտ բոլոր ելոյթներն ալ տուրք կու տան թրքական իշխանութիւններուն:

Պոլսահայ գաղութը վստահաբար եւ բնականաբար հաշտ աչքով չի դիտեր պատահածը: Փաստը` եկեղեցւոյ թէ այլուր ժողովուրդին համարձակ եւ խիզախ ելոյթները:

Պոլսոյ պատրիարքարանը միշտ ալ ունեցած է իր ինքնուրոյն կեցուածքը` անցեալէն մինչեւ այսօր:

Սակայն ոչ մէկ ժամանակաշրջան այսքան ենթակայ եւ կամակատար եղած է, որքան Արամ արք. Աթէշեանի փոխանորդութեան ժամանակաշրջանին:

Համայն հայութեան կողմէ վարկաբեկուած եւ ամօթի զգացում տուող իրավիճակ մը կը պարզուի այսօր:

Թրքական իշխանութիւնները միշտ ալ փորձած են միջամուխ ըլլալ Պոլսոյ պատրիարքարանի աշխատանքներուն: Սակայն ազգային վարկագիծն ու ինքնուրոյնութիւնը պահպանելու մնայուն ճիգը անպակաս եղած է յաջորդական պատրիարքներու եւ ազգային աշխարհականներուն կողմէ:

Այսօր քիչ մը շատ մտահոգիչ պատկեր մը կը պարզուի: Պոլիսէն մեզի հասած տեղեկութիւնները այդքան ալ փայլուն չեն:

Ժողովուրդ-եկեղեցի կապի թուլացման եւ կամուրջներու խզման ալիքի մը բարձրացման սեմին կը գտնուինք:

Վերջապէս բարեխիղճ եւ համախմբող կրօնականներ եւ աշխարհականներ անպայման կը գտնուին: Պէտք է անմիջական լուծումներ տրուին այս վիճակին:

 

 

Երբ Թրքերէնն Ու Հայերէնը…Կը Միաձուլուին

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Այս գրութիւնս կը նուիրեմ իր ամբողջ կեանքը թրքերէն եւ թրքաբարոյ երգերու դէմ պայքարող, նորոգ հանգուցեալ ընկերոջս` Յակոբ Եափուճեանի յիշատակին:

Սոյն յօդուածս գրուած էր աւելի քան երկու ամիս առաջ, սակայն նախընտրած էի աւելի առաջնահերթ գրութիւններ ուղարկել «Ազդակ», երբ սիրելի ընկերս անակնկալօրէն մեկնեցաւ այս աշխարհէն` առանց կարենալ կարդալու գրութիւնս:

Յիշատակդ անթառամ, սիրելի՛ գաղափարակից ընկեր եւ գրչեղբայր:

Պայծառ, արեւոտ կիրակի մըն էր: Կարդալէ ու գրելէ «յոգնած», ելայ դուրս` վարդերս ջրելով քիչ մը հանգստանալու:

Թրքերէն երաժշտութիւն մը հասաւ ականջներուս: Վայրկեանի մը համար տակաւին հայահոծ Պուրճ Համուտի մէջ գտնուելու խաբկանքը ունեցայ: Մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներս, երբ այդ թաղերուն բնակչութեան ջախջախիչ տոկոսը հայեր էին, եւ թրքերէն ունկնդրելը բնական երեւոյթ էր: Այդ երաժշտութիւնը հայերու բնակարաններէ կը լսուէր: Թուրքի՞ հանդիպիլ: Ո՞ր թուրքը պիտի համարձակէր այցելել այդ փոքրիկ «Հայաստանը»:

Աւելի ուշ այն տպաւորութիւնը ունեցայ, որ մեր թաղին մէջ հայ նոր դրացիներ ունեցած ենք, եւ անոնց տունէն է, որ կը հասնի այդ անախորժ երաժշտութիւնը:

Սովորութիւն դարձած է, երբ թրքերէն խօսողի մը հանդիպինք, մէկու մը տունէն կամ ինքնաշարժէն թրքերէն եղանակ մը հասնի մեր ականջներուն, անմիջապէս կը հետեւցնենք, որ այդ անձը հայ է:

Յանկարծ յիշեցի, որ տարի մը առաջ թուրք դրացի մը ունեցած էի, եւ հակառակ իր բարեւը անտեսելուս, շաբաթ մը ետք, հանդերձ ընտանիքով եկած էին տանս դուռը բախած` ըսելու. «Ձեր նոր դրացիներն ենք եւ, մեր սովորութիւններուն համաձայն, անուշեղէնով մը կը փափաքինք թաղեցիներուն ծանօթանալ»:

Դրան առջեւէն, առանց «ներս հրամեցէք»-ի կինս վերցուցած էր անուշեղէնը, որ անմիջապէս տարած էր… աղբաման:

Տարի մը անցած է այդ թուականէն: Իրարու տուն չենք այցելած, սակայն աւելի «մեղմացած» եմ: Հեռուէն ձեռքի բարեւին կը պատասխանեմ անժպիտ ու անմիջապէս կը մտնեմ ներս` զգուշանալով  իր այցելութենէն: Տանս մէջ թուրք չէ՛ մտած …

***

Առաջին անգամն էր, որ թուրք դացիիս տունէն թրքերէն երգ կը հասնէր ականջներուս:

Ամերիկայի մէջ, ձայնասփիւռ կամ հեռատեսիլ, ցած ձայնով ունկնդրելու սովորութիւնը խիստ գնահատելի է: Դրացիները չեն խանգարեր, սակայն այդ օր իր հայ դրացիին լսելի դարձնելու միտումո՞վ բարձրացուցած էր թրքերէն երաժշտութեան ձայնը, թէ՞ այլ նպատակով, ինծի համար յստակ չէր: Այդ երաժշտութեամբ կ՛ուզէր ջղայնացնե՞լ զիս, թէ՞ գոհացնել: Հաւանաբար տեղեակ է, որ մեծ է թրքական երաժշտութիւն ունկնդրող հայերու թիւը: Ինչպէ՞ս կարենար գուշակել, որ կան նաեւ ինծի նման բազմաթիւ հայեր, որոնք անհանդուրժելի կը գտնեն այդ երաժշտութիւնը:

Զարմանքս մեծ եղաւ, երբ նոյն տունէն, այո՛, թուրքին տունէն, շատ չանցած, սկսաւ նաեւ «հայերէն» երաժշտութիւն մը հասնիլ ականջներուս:

Ծանօթ «հայերէն» երգ մըն էր, սակայն բառերը բնորոշելու դժուարութեան մէջ էի: Չէի կրնար յստակօրէն զանազանել, «հայերէ՞ն» է, թէ՞ թրքերէն, այնքա՜ն նոյնանման էին:

Պահ մը միամիտ այն մտածումը ունեցայ, որ թուրք դրացիս դիտումնաւոր կերպով, իր հայ դրացիին հաճոյք պատճառելու միտումով, թրքերէնի կողքին, նաեւ հայերէն կ՛ունկնդրէ: Արդեօ՞ք այդպէս է, թէ՞  քանի մը երգիչներու «հայերէն» երգերուն թրքերէնէ թարգմանութիւնն է, որ ես կը դժուարանայի զանազանել:

«Հայերէն» եւ թրքերէն: Այնքա՜ն նոյնանման:

Կրնա՞յ ըլլալ, որ դիտումնաւոր կերպով բարձրացուցած էր ձայնասփիւռին ձայնը` հասանելի դարձնելու իր հայ դրացիին եւ ըսելու. «Տեսա՞ր, մենք «եղբայրներ» ենք եւ խտրութիւն չենք դներ ձեր եւ մեր երաժշտութեան մէջ», սակայն այդ «ձեր»-ը, որ «հայերէնն» է, նոյնքան խորթ հնչեց ականջներուս, որքան` «մեր»-ը, որ այս պարագային ի՛ր երաժշտութիւնն է: Թրքերէնը:

Մտայ ներս: Երաժշտական հաւաքածոներուս մէջէն ընտրեցի Կոմիտասի եւ Սայեաթ Նովայի իսկական հայկական երաժշտութիւն եւ ագահօրէն ունկնդրեցի:

Ունկնդրեցի… արցունքոտ աչքերով:

Մի՛ զարմանաք, այո՛, մանուկի մը նման արտասուեցի:

Արտասուելուս պատճառը Կոմիտասն ու Սայեաթ Նովա՞ն էին, թէ՞ թուրք դրացիիս տունէն հասած «երաժշտութիւնը»: Հաւանաբար` երկրորդը:

Առաջին անգամը չէ, որ թրքերէն երաժշտութիւնը արցունք կը խլէ աչքերէս: Չկարծէք որ այդ երաժշտութիւնը ունկնդելով կը յուզուիմ: Բնա՛ւ երբեք: Սակայն թրքերէն երաժշտութիւնը արցունք կը խլէ աչքերէս: Ընդվզումի ու ջղայնութեան արցունքներ` ի տես հայ ունկնդիրներու, ի տես հայերու գնահատանքին մեզ կոտորած, տեղահանած թուրքին երաժշտութեան:

***

1981: Նոր ժամանած էի Լոս Անճելըս: Ընտանիքիս մնացած անդամները տակաւին Պէյրութ կը գտնուէին: Պատերազմը տակաւին չէր աւարտած: Առանձին էի ու մտահոգ: Մտահոգ` Պէյրութ գտնուող հարազատներով ու բարեկամներով: Մտահոգ` ի տես ծննդավայրիս աւերումին: Դարձած էի գերզգայուն, եւ աննշան դէպքի մը պարագային, արցունքներս կը յորդէին:

Բարեկամներէս մէկը հրաւիրուած էր տարեդարձի մը, եւ հրաւիրող  անձը փափաքած էր, որ Պէյրութէն նոր ժամանած բարեկամն ալ ընկերանայ իրեն: Հրաւիրուելուս պատճառը ինծի համար յստակ չէր: Ներկայութի՞ւնս հաճելի էր, թէ՞ առանձին ըլլալուս` կը մեղքնար:

Առանձնութիւնը նախընտրելի էր, սակայն բազմաթիւ պնդումներուն տեղի տուի ու գացի:

Ոտքս կոտրէր ու չերթայի:

Ընդարձակ տան մը պարտէզին մէջ տեղի կ՛ունենար տարեդարձի խրախճանքը:

Նուագախումբ մը քանի մը հայկական մեղեդիներով կը ճոխացնէր երեկոն, որմէ քիչ ետք բեմ բարձրացաւ նուագախումբին երգիչը եւ սկսաւ երգել քանի մը «հայերէն» երգեր: Բառերը հայերէն էին, սակայն այնքա՜ն հեռու հայկականութենէ:

Տան տէրը մօտենալով երգիչին` ականջին բաներ մը փսփսաց:

«Հաւանաբար թրքաբարոյ երգացանկէն դժգոհ է», միամտօրէն մտածեցի: Զարմանքս մեծ եղաւ, երբ անմիջապէս «հայերէն», բայց թրքերէն բուրող երգերը փոխարինուեցան իսկական թրքերէնով: Ներկաները գոհ էին: Քանի մը հոգի նոյնիսկ կը մասնակցէին այդ երգերուն: Տան պարտէզին անկիւնը կար անձ մը, որ առիթի կը սպասէր արցունքները յորդեցնելու: Քաշուեցայ անկիւն մը ու լացի: Լացի երեխայի մը նման: Լացի սգաւորի մը նման: Լացի յուսահատ: Այո՛, լացի: Անգամուան մը համար թրքերէն երաժշտութիւնը չէր լացիս պատճառը: Այդ երաժշտութիւնը սիրող եւ քաջալերողներն էին արցունքներուս պատճառը:

***

Աւելի քան 3 տասնամեակներ անցած են այդ թուականէն, սակայն այդ երեկոն դրոշմուած է ուղեղիս մէջ:

Առաջին եւ վերջին անգամն էր, որ Լոս Անճելըսի մէջ նման անհաճոյ տեսարանի մը հանդիպեցայ: Մանկութեանս տարիներուն յաճախ ականջներուս կը հասնէր այդ երաժշտութիւնը` հայերու տուներէ: Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք, կիլիկեցի հայ գաղթականներով լեցուն, հայահոծ Հալէպի եւ Պուրճ Համուտի մէջ թրքախօսութիւնն ու թրքերէն երաժշտութիւնը «բնական» երեւոյթ էր քանի մը տասնամեակ: Բազմաթիւ տարեցներ հայերէն խօսելու դժուարութիւն ունէին: Թրքերէն երաժշտութիւնը ի պատուի էր: Այդ երգերով իրենց ծննդավայրը կը յիշէին: Նշանախօսութիւններ եւ հարսանեկան խրախճանքներ, թրքերէն երգերով կը խանդավառուէին: Բարեբախտաբար, Ցեղասպանութեան յիսնամեակէն ետք, թրքախօսութիւնը վերցնելու լուրջ աշխատանք տարուեցաւ, իսկ աւելի ուշ թրքերէն երգերը փոխարինուեցան հայերէնով: Ամէնուրեք հայերէն երգն էր, որ կը հասնէր մեր ականջներուն, շնորհիւ կարգ մը հայ երգիչներու` թրքերէն երաժշտութիւնը դուրս նետուեցաւ հայ տուներէ, սակայն այդ ուրախութիւնը երկար չտեւեց: Հայերէն երգերու կողքին, սկսանք հանդիպիլ մեծ թիւով թրքաբարոյ «հայերէն» երգերու: Երգեր, որոնք աւելի թրքերէնի կը նմանին, քան` հայերէնի: Այսօր թրքախօսութիւնն ու թրքերէն երգերը վերցուած են հայ տուներէն, սակայն թրքաբարոյ երգերը, նուազելու կամ արմատախիլ ըլլալու փոխարէն, դժբախտաբար շատ աւելի ընդունելութեան կ՛արժանան, քան` իսկական, մաքուր հայերէն երգերը:

***

Լիբանանի մէջ, Ատիս Հարմանտեանով եւ Լեւոն Գաթրճեանով սկսած հայերէն երգերէն ետք, ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ մուտք գործեցին թրքաբարոյ երգերը:

Հայաստան տակաւին խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէր, եւ մեծ թիւով յայտնի արուեստագէտներու կողքին, բազմացան «ռապիզ» երգիչները: Նոյնը պատահեցաւ Լիբանանի մէջ: Որակաւոր երգիչներու կողքին, մուտք գործեցին անորակները:

Ուրկէ՞, ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ սկսաւ այս աւերը:

Կարծես բաւարար չըլլար հայ լեզուին աղաւաղումը` աբեղեանական ուղղագրութիւնը, օտար բառերով «հարուստ» գրութիւնները, որոնք ներկայիս նոյնքան աւերներ կը գործեն: Այսօր մաքուր հայերէն մեկնաբանողներուն մեծամասնութիւնը ակամայ «հանգստեան» կոչուած է, մինչ անորակ երգիչները կը «ճոխացնեն» հայկական խրախճանքները:

Մտահոգութիւններով լեցուն ազգ մըն ենք:

Մեր հողերու պահանջատիրութեան կողքին ունինք նաեւ շատ մը այլ մտահոգութիւններ: Արեւմտահայ լեզուի կորուստի մտահոգութիւն, աբեղեանական ուղղագրութիւն, օտար բառերու գործածութիւն եւ… շարքը երկար է:

«Մեղաւոր, մեղաւոր, Ասա՛ ինձ, թէ ո՞վ է մեղաւոր» (Ժող. Երգ)

Դժուար է ճշդել, թէ ո՞վ է իսկական մեղաւորը:

Մեծասքանչ հայոց լեզուի մեսրոպեան ուղղագրութիւնը մէկդի ձգելով` Հայաստանի մէջ որդեգրեցին աբեղեանականը: Նոյնն է պարագան հայերէն երաժշտութեան: Ունեցած ենք Սայեաթ Նովա եւ Կոմիտաս վարդապետ, ունեցած ենք Յովհաննէս Պատալեան, Ռայիսա Մկրտչեան, Ռուբէն Մաթեւոսեան, եւ ներկայիս թրքաբարոյ երգերով ու երգիչներով ողողուած են մայր հայրենիքն ու սփիւռքը:

«Մեղաւոր, մեղաւոր, Ասա՛ ինձ, թէ ո՞վ է մեղաւոր»:

Լոս Անճելըս, 2018

 

Դաշնակցութիւնը ապրում է, շնչող ու զարգացող հաւատամք է

$
0
0

Ստորեւ կը ներկայացնենք Գէմպրիճի մէջ կայացած ՀՅԴ օրուան հանդիսութեան ընթացքին բանախօս ընկ. Ժան Հալլաճեանի խօսքը։

ՀՅԴ «Մեր օրուան» տօնակատարութիւնը ա՛յն պատեհ առիթն է, որ դաշնակցական ընտանիքը արժեւորէ ներկան, ուրուագծէ դիմակալելիք մարտահրաւէրներու բնոյթն ու առաջադրէ անոնց լուծումները:

Իրագործումները՝ անպայմանօրէն մեզ կը խրախուսեն, կը գօտեպնդեն: Աւելին՝ մեզ յաւելեալ յանձնառութիւններու տակ կը դնեն, ա՛լ աւելի բծախնդրութեամբ ու հետեւողականութեամբ, մեր հանրային-ազգային ծառայութիւնները մատուցելու եւ դիմակալելու ապագայ գերխնդիրները: Մենք երբե՛ք նուաճումներու ու արձանագրուած յաղթանակներու դիւթիչ բոյրով գինովնալ չենք գիտեր: Այդ եղանակը՝ Դաշնակցութեան համար անյարիր վարքագիծ է՝ մեր յաջողութիւնները համարելով հայ ժողովուրդին արգասիքը, մեր նուաճումները հաշուելով մեզ շրջապատող անհամար համակիր զանգուածին ձեռքբերումները, բայց երբե՛ք սոսկ Դաշնակցութեան մենաշնորհումները: Իսկ մեր տատանումներն ու բացթողումները նուազեցնելու համար, պիտի տանք խոստումը՝ զանոնք ուղղորդելու դաշնակցական կենդանի գործով:

Այս ժամանակահատուածին մենք ականատես եղանք Դաշնակցութեան բազմաշերտ գործունէութեան, այսպէս.

Քառօրեայ պատերազմը բատայայտելով հանդերձ որոշ ռազմական բացթողումներ, եկաւ եւ ամրագրեց ազգ-բանակ առաջադրանքը, եւ կարեւորեց սեփական ուժերով ապահովելու ազգային անվտանգութիւնը, հաշուի առնելով մեր փոքրաթիւ ազգ ըլլալու հանգամանքը եւ երկրի աշխարհաքաղաքական տարածքն ու զայն պաշտպանելու կարելիութիւնները:

Դաշնակցութիւնը այս թեմայով հարուստ իր պատմական փորձովը, սկսած իր հիմնադրութեան օրէն, ազգ-բանակ զուգորդման լաւագոյն օրինակներով հարստացուցած է ռազմա-քաղաքական մեր դաշտը: Այսօր ե՛ւս Դաշնակցութիւնը իր Արցախեան ազտագրական պայքարի փորձառու մարտիկներովը՝ չուշացաւ անսալու ահազանգային ժամերու կոչին, եւ հարիւրներով, պապիկով, հայրով ու զաւակով, եկաւ լրացնելու ազգային բանակի շարքերը:

Այսօր, ա՛լ աւելի հրամայական դարձած է համակարգումի անհրաժեշտութիւնը՝ կառավարման մարմիններու, բանակի հրամանատարութեան եւ քաղաքացիական ու հասարակական միաւորներու միջեւ, մանաւանդ երբ օրհասական պահը կը հասնի հայրենիքի պաշտպանութեան:

Հայրենիքի պաշտպանութեան գործը միայն բանակային միաւորներուն վերապահուած չէ: Այդ մէկը պարտականութիւնն է եւ պարտաւորութիւնը ազգային բոլոր շերտաւորումներուն, ի Հայաստան աշխարհի եւ ի սփիւռս:

Եւ ահա, կը լսենք ու կը տեսնենք, որ դաշնակցական պահեստազօրքի նոր կազմաւորուած գումարտակը, պատերազմի կոչին միշտ պատրաստ ըլլալու ունակութիւնը ցուցաբերեց՝ իր մարտունակ զինուորով, արհեստավարժ բանակի կառոյցներու ընդմէջէն ներկայութիւն ըլլալով: Այսօր, ականատեսն ենք առաջին վարժողական հաւաքին, համալրուած՝ ուսանողական ամպիոններէ եկած հայորդիներոով, նախկին վեթերան մարտիկներով ու սփիւռքեան հայորդիներու ներկայացուցչական մասնակցութեամբ:

Ազգային բանակին ծառայելը`պատիւ է նախքան պարտաւորութիւն ըլլալը:

Սիրելինե՛ր, պէտք է ընդունինք, որ ազգային անվտանգութեան օրակարգը մեր առաջնահերթ հիմնահարց է: Անոր կենսական գործօններէն մէկը՝ հայ մարդու թուական ներկայութիւնն է ու աճը հայրենիքի տարածքին վրայ: Այս մէկը կը հանդիսանայ այն զգայուն նրբերանգը, որ կրնայ խախտել Հայաստանի բարգաւաճումը եւ անոր լինելիութիւնը: Թուրքը, ի հեճուկս իրեն, չկրցաւ այդ չարամիտ սաթայէլական ծրագիրը իրագործել՝ տեսնելու Հայաստան աշխարհը առանց հայու: Միայն 1992-էն մինչեւ 2010 հայրենիքը լքողներու թիւը շուրջ մէկ միլիոն մարդ կը հաշուէ: Նաեւ նոյնքան վտանգաւոր է ներքին գաղթը, երբ գեղջուկը հարկադրաբար կը լքէ իր դաշտը եւ ապաստան կը գտնէ մեծ քաղաքներու մէջ:

Ո՛չ մէկ ձեւով ընդունելի է այն տեսակէտը որ կ’ըսէ, թէ արտագաղթը համաշխարհային խնդիր է եւ չէ սահմանափակուած մեր երկրով: Մեր առարկութիւնը չափի մասին է, մշտական կայք հաստատելու դիտաւորութեամբ տեղաշարժի մասին է:

Այսօրուան արտագաղթի պատկերը հասած է Ռէբիկոնի սահմանները: Ազգային ահազանգային խնդրի պէտք է վերածուի արտագաղթի դէմ պայքարիլը, համապատասխան օրէնսրդական օրէնքներ մշակելով եւ կենցաղային դրական մթնոլորտ ստեղծելով Հայաստանի ու Արցախի մէջ:

Հանրապետութեան նախագահի մատնանշումով իսկ բարացուցական է աղէտի մակարդակը, ու իր առաջադրանքով շատ յստակ կը պատգամէ, որ թուական պատկերը քանի մը տարուան ընթացքին ընդունելի համրանքի մը հասցնելը դառնայ առաջնահերթ կիզակէտը բոլոր պետմարմիններուն:

Նաեւ ունինք այլ շատ կարեւոր հարց՝ կապուած մեր արեւելումին՝ orientation-ի:

Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի զարգացումը կարելի չէ պատանդ դարձնել այս կամ այն աշխարհակալ պետութեան եւ համախմբումներու շահերուն: Հայաստան մեկնած իր սեփական ազգային շահերէն, առանց զիջումներու, պիտի կարենայ նաւարկել միջազգային ոլորտներուն մէջ ինքնիշխան ու անկաշկանդ, օգտուելով մեր պատմական փորձերէն:

Մեր «Հայկական օրիանդացիան» պէտք է ըլլայ մեր միակ կողմնացոյցը:

Միակ պայմանը այս ռազմավարութեան որդեգրման այն է, որ մենք պէտք է ըլլանք ինքնավստահ մեր սեփական ուժերէն, որպէսզի համարձակ կարենանք թակել՝ ինքնուրոյն երանգով, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի-Եւրոպայի դարպասները: Ոչ մէկ հակասութիւն կը տեսնենք նաւարկելու երկու բեւեռներու ընձեռած կարելիութիւններով՝ ըլլայ այդ Եւրասիական տնտեսական համգործակցութեան անդամակցութեամբ եւ կամ Եւրոպայի միութեան կարելիութիւններով: Գոյացած նոր դրոյթը, պիտի ստեղծէ նոր առիթ զարգանալու ու բարգաւաճելու:

Սիրելինե՛ր, աւանդական մեր հայ ընդդիմախօսներու վերանորոգ բացայայտումները, կը կարծուի, որ մուր կրնայ քսել Մայիս 28-ի խոյանքին ու պատգամին: 100-ամեակի անկախութեան տարեդարձը միակուսակցական դրոշմէ զերծ պէտք է պահել: Պէտք է ընդունինք, որ անուրանելի է դաշնակցական գործիչներու դերն ու Դաշնակցութեան ներդրումը անկախութեան կերտումին, բայց այդ մէկը ամենեւին չի նշանակեր, որ այդ ազգային սխրանքը սոսկ միակուսակցական իրագործում է: Այն ազգային հպարտութիւն է ու ժառանգ, որուն համար մեծ բանաստեղծը պատգամած է՝ «Սերունդնե՛ր, դուք ձեզ ճանաչէ՛ք Սարդարապատից»:

Դարերու երազի եւ պայքարի արգասիքն է Մայիս 28-ն: Բոլոր հատուածներու, համայնքներու, հարուստի, գեղջուկի, մտաւորականի, զինուորականի, ուսուցիչի, աշակերտի արիւնով նուիրականացուած տօն է:

Տիգրան մեծի արձանը չի կրնար փոխարինել Արամ Մանուկեանինը:

Այլեւս ժամն է, որ անվերադարձ պատռենք Մայիս 28-ի բարդոյթի պատանքը, որ համակած է որոշ հայկական շրջանակներ, եւ միացեալ տեսլականով հիւսենք լուսաւոր ապագայի պատկերը՝ միացեալ, ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստանի: Մայիսեան 100-ամեակը անպայմանօրէն պիտի տօնուի համահայկական տարազով, պետութեամբ, կրօնական յարանուանութիւններով, կուսակցութիւններով, հասարակական կազմակերպութիւններով, բոլորով, բոլորով:

Հայկական պետականութեան արդի օրերու կազմաւորման խնդրով, Դաշնակցութիւնը 25 տարիներ շարունակ ջատագովը հանդիսացաւ խորհրդարանական համակարգով առաջնորդուելու անհրաժեշտութեան: Այսօր, Հայաստանի սահմանադրութեամբ նոր քաղաքական հենքը, այն խոստմնալից կառավարման արդիւնաւէտ կարգն է, ուր առկայ է ու վերահսկուած, իրաւունքի գերակայութիւնը, օրէնքով ճշդուած մարդու իրաւունքներու անխախտելիութիւնը, իշխանութեան յստակ բաժանմամբ, ընդհանուր հաւասար ու ազատ ընտրական իրաւունքի առկայութեամբ ու տեղական կառավարման լայն լիազօրութիւններով: Այս բոլորը հիմնական կռուաններ են Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի կենսագործման ու զարգացման:

Այս մէկը արմատական բարեկարգումներու պատեհութիւնը պիտի ստեղծէ: Կը մնայ վրան գումարել քաղաքական կամքը, իր լրումին հասցնելու գալիք օրերու նորաձեւ համակարգը, որ քաղաքական նոր մշակոյթի, գործընթացի եւ մտածողութեան կայծը պիտի հանդիսանայ:

Դաշնակցութիւնը աւելի քան 27 Տարիներ առաջ իր Plarform-ով ուրուագծած էր շատ յստակ, իշխանութեան ժողովրդականացման անհրաժեշտութիւնը եւ ազգային միասնականութեամբ յաղթահարելու պետութեան առջեւ պատուար կանգնած դժուարութիւնները:

Դաշնակցութիւնը, այսօր ալ՝ նոյն հնչեղութեամբ կը հաստատէ այդ մէկը, յիշեցնելով որ իշխանութեան մաս կազմելը մարտավարական քայլ մըն է, եւ ոչ թէ նպատակ: Գոյանալիք նոր համակարգի կարելիութիւններով՝ Դաշնակցութիւնը իր լուման պիտի ներդնէ պետականութեան շինութեան գանձանակին, աչալուրջ հետեւելով ազգի ընկերական, քաղաքական, տնտեսական կեանքին, ու ի հարկին առաջինը խարազանողը պիտի ըլլայ յոռի երեւոյթները, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը իր նախարարութիւններու աշխատանքի ծիրին մէջ ըլլան:

Պիտի շարունակենք պայքարիլ փտախտի, կաշառակերութեան կասեցման, մենաշնորհներու վերացման եւ ծայր աստիճան բծախնդիր մարդկային իրաւանց կիրառման:

Յարգելի՛ ներկաներ, Դաշնակցութեան գործը աւելի ցայտուն կը տեսնենք, երբ օրհասական կացութիւն կը ստեղծուի: Դաշնակցական արժէքներու կենսագործումը այդ մթնլորոտներուն մէջ աւելի զգալի ներկայութեան կը վերածուին: Վերջին տարիներու Սուրիոյ ապահովական կացութեան վատթարացման ենթարկուած հայ գաղութը՝ տեղատուութիւն ապրեցաւ: Մեծ թիւով սուրիահայեր լքեցին ծննդավայր բնօրրանը եւ ուղղուեցան աւելի ապահով վայրեր ու երկիրներ: Դաշնակցութիւնը իր շարքերով ու համակիր զանգուածով, կազմակերպեց գաղութային կեանքը, փորձելով խուճապային մթնոլորտներէ հեռու պահել գաղութի զաւակները: Գաղութը միահամուռ ուժերով մասնակցեցաւ ու կազմակերպեց շտապ օգնութեան գործն ու հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութիւնը, այդ ճամբուն վրայ զոհելով իր ընտրանի տղաքը:

Այլ տեղ, դաշնակցական մարմիններ իրենց նիւթաբարոյական մասնակցութիւնը չզլացան, նախ՝ ապահովելու մայր գաղութ Սուրիոյ պէտքերը, ապա կազմակերպուած եղանակով ընդունելու օտար ափեր հասած հայ զանգուածները: Այդ գործերը բնական է առանց բացթողումներու չանցան, բայց բոլոր մակարդակներու վրայ, գաղութային ուժերու լարումով աշխատաքը իրագործուեցաւ, տանելի դարձնելու նոր միջավայրերու պարտադրած դժուարին պայմանները՝ գաղթական հայորդիներուն վրայ:

Դաշնակցութիւնը Rating-ային չափերով կարելի չէ արժեւորել, կամ հետազօտական կեդրոններու քաղաքական կուսակցութիւններու հանդէպ ունեցած գնահատակններով: Դաշնակցութիւնը ապրում է, շնչող ու զարգացող հաւատամք է, գաղափարական շարժում է, իր կոչումով եւ առաքելութեամբ հայ ժողովուրդի էութեան մէկ մասնիկն է, անձնդիր ծառայութեամբ եւ միայն կենդանի գործի բարոյական բաւարարուածութեամբ յագենալն է դաշնակցականի վարձահատոյցը:

Հոս նաեւ կ’ուզեմ անդրադառնալ իր չափով թերեւս աննշան մէկ երեւոյթի, բայց իր թելադրականութեամբ՝ շատ բան յուշող պատգամի.

«Արդ, անոնք որոնք այցելեցին Պուրճ Համուտ, վստահ որ հանդիպեցան Սարգիս Տուտագեանին՝ Ափօլլոյին, համրացած յիշատակի կոթողին՝ արձանին: Ափօլոն այն համեստ ընկերն էր, որ տարիներ շարունակ «Ազդակ» օրաթերթ ցրուած էր Պէյրութի մէջ»:

Կը մէջբերեմ այս օրինակը ընդգծելու համար, որ Ափօլլոյի օրինակը համրացած չէ: Ան խօսուն եւ շնչող մէկ օրինակն է համեստ դաշնակցական մարդուն, ռենչպերին, գեղջուկին, մտաւորականին, շինականին, անհամար անյայտ դաշնակցական մարտիկներուն, որոնք իրենց կարգին նոյնքան դեր ու վաստակ ունեցած են այս ընտանիքի երթին մէջ, որքան մեզի ծանօթ հանրայայտ անունները:

Հետեւաբար ողջունելի կը գտնենք բոլորին ճիգերը, մարմիններ թէ ազգային կուսակցական հաստատութիւններ, որոնք ունեցան այս ազնիւ մտածումը՝ յաւերժացնելու արձանի մը ընդմէջէն, մշակներու, բանուորներու դերը հանրային կեանքին մէջ, ու շռնդալից կերպով լսել տալու Ռենչպերներու կանչը:

Գուսան Հայկազունի, Դաշնակցութեան 105 ամեակ առիթով արտասանած այս տողերով կը փակեմ խօսքս:

Դու ես միակ առագաստը հուսալի,
Փոթորիկի մէջ ինկած մեր նաւի,
Կը հանես ապահով ափը ծովի,
Մեր սիրելի Դաշնակցութիւն պանծալի:
Դու դարաւոր կուռ միութիւն,
Փառքի արժանի կուսակցութիւն,
Հայոց ազգի հպարտութիւն,
Հպարտ, անպարտ Դաշնակցութիւն:

Սուլթան Էրտողան Եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Մնայուն Անդամակցութիւնը

$
0
0

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

6 դեկտեմբեր, 2017-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (Միացեալ Նահանգներ) նախագահ Տանըլտ Թրամփ Երուսաղէմը պաշտօնապէս ճանչցաւ իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք եւ հաստատեց Միացեալ Նահանգների դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելու ծրագիր մը: Նախագահ Թրամփի սոյն որոշումը երկինքէն նուէր մը եղաւ Թուրքիոյ փառասէր եւ փառամոլ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին համար, որ վաղուց այդպիսի շարժառիթի մը կը սպասէր` իր նպատակները աւելի եւս իրականացնելու: Սակայն, ո՞ւր կուզէ հասնիլ ան եւ ի՞նչ կ՛ուզէ ձեռք բերել…

Այս նիւթը` Երուսաղէմի ճանաչումը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք, երբեք նորութիւն մը չէ: Միացեալ Նահանգների նախկին քանի մը նախագահներ խոստում տուած էին այդ առումով, սակայն իրենց խոստումը բնաւ չեն կատարած` երկրի շահերու ապահովումէն մեկնելով: Կը թուի, որ նախագահ Թրամփ լա՛ւ ըմբռնած է ներկայիս իսլամական երկիրներու մէջ տիրող խռովութիւններուն պատճառով կորսուած միասնականութիւնը, այդ պետութիւններու բռնատիրական վարքագիծին իբրեւ պատճառով ժողովուրդներուն փտած ու մաշած կամքը, եւ այս պատճառներով բոլորին մօտ յառաջացած անտարբեր կեցուածքը` Պաղեստինի հարցին նկատմամբ: Ուստի, Թրամփ իր որոշումը տուաւ, եւ այդ հարցին ի տես` իր ակնկալած խաղաղ մթնոլորտը իսկապէ՛ս տիրեց իսլամական երկիրներու մէջ` ի բացի Պաղեստինի դժբախտ ժողովուրդի ցոյցերէն, որոնք արդէն կը շարունակուին 70 տարիէ ի վեր:

Էրտողան, իր կարգին, արդէն տարիներէ ի վեր ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ իսլամական երկիրներու առաջնորդ եւ պաղեստինեան տագնապի պաշտպան. ան Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ներկայի ղեկավարի իր հանգամանքէն օգտուելով, բոլոր 57 անդամ երկիրները արտակարգ նիստի հրաւիրեց Պոլսոյ մէջ` միասնաբար դիմադրելու Թրամփի որոշումին, միաժամանակ զգուշացնելով Ամերիկան, որ` «Երուսաղէմի կարգավիճակը իսլամներուն համար կարմիր գիծ է»: Իսլամական այս գագաթնաժողովը տեղի ունեցաւ 13 դեկտեմբեր, 2017-ին եւ իր եզրափակիչ յայտարարութեամբ դատապարտեց նախագահ Թրամփի որոշումը` զայն չեղեալ համարելով, իսկ արեւելեան Երուսաղէմը Պաղեստինի պետութեան մայրաքաղաք յայտարարեց` կոչ ընելով բոլոր պետութիւններուն` ճանչնալու Պաղեստինի պետութիւնը, ինչպէս նաեւ գրաւեալ արեւելեան Երուսաղէմը` իբրեւ անոր մայրաքաղաքը:

Այնուամենայնիւ, Եգիպտոսը, որ ներկայիս արաբական երկիրներու շարքին ամենամեծն է իր բնակչութեան թիւով, Սէուտական Արաբիան` իր քարիւղի հսկայ հարստութեամբ եւ իսլամական ամենակարեւոր սրբավայրերով` Մեքքայով եւ Մետինայով, եւ վերջապէս, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները` իրենց հսկայ հարստութեամբ, երե՛քն ալ իրենց ծանրակշիռ մասնակցութիւնը չբերին Էրտողանի կազմակերպած խորհրդաժողովին: Ո՛չ Եգիպտոսի նախագահը, ո՛չ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը կամ գահաժառանգը, ո՛չ ալ Արաբական Էմիրութիւններու շէյխը ուզեցին Էրտողանի ծրագիրներուն հետեւիլ` մէկ կողմէ քաջատեղեակ ըլլալով անոր թաքուն նպատակներուն, իսկ միւս կողմէ` Ամերիկայի հետ լաւ յարաբերութիւններու մէջ ըլլալով: Այդպիսով, կը թուի, որ Էրտողանի վեհաժողովին որոշումները թուղթի վրայ պիտի մնան` զօրաւոր հիմքեր չունենալու պատճառով, եւ աւելի՛ն, որովհետեւ Իսրայէլի բարեկամ իսլամական երկիրներու ղեկավարներ, ինչպէս` Իլհամ Ալիեւը, որուն երկիրը միլիառներով զէնք կը ստանայ Իսրայէլէն, կեղծաւորութեամբ ընդունեցին վեհաժողովին եզրափակիչ որոշումները, որոնք բոլորովին Իսրայէլի դէմ կը հնչեն: Էրտողան այդ բոլորը աչքը առած ըլլալով հանդերձ, իր երազը կը մնայ Թուրքիան, իր ղեկավարութեամբ, գերտէրութիւններու շարքին հասցնել, ինչի համար ալ պատրաստ է ամէն տեսակի խաղեր կազմակերպելու:

Էրտողան, այնուամենայնիւ, որոշ չափով յաջողեցաւ իր երկրին մէջ ծայրայեղ թուրք ազգայնամոլները համախմբել եւ անոնց աջակցութիւնը ապահովել: Կիւլենին վերագրուած պետական հարուածին պատճառով, ան մեծ թիւով «անվստահելի» անձեր (ըստ իրեն` դաւաճաններ) բանտարկեց կամ պաշտօնազուրկ ըրաւ, զինք քննադատող խմբագիրները եւ լրագրողները լռեցուց, քրտական շրջանները քարուքանդ ըրաւ ու անոնց ղեկավարները հալածեց եւ, այդպիսով, եղաւ երկրին անվիճելի «նոր սուլթանը»: Էրտողանի միւս քայլը ուղղուեցաւ դէպի թրքախօս երկիրները, որոնցմէ մաս մը յայտնի է իր բնական հարստութիւններով, սակայն չյաջողեցաւ զանոնք առնել իր հովանիին տակ: Ազրպէյճանէն բացի, միւսներուն համակրանքը չկրցաւ շահիլ: Նոյն լեզուն եւ ազգային ծագումը ունենալու յանկերգը ա՛լ քաղցր չի հնչեր անոնց ականջներուն:

Էրտողան նախապէս փորձեց նաեւ Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնել` արաբները շահագործելով, երբ ան Ծոցի երկիրներուն հետ լաւ գործառնութիւններու եւ առեւտրական յարաբերութիւններու մէջ մտաւ, սակայն այդ բոլորը ցնցուեցան, երբ Թուրքիա դէմ եկաւ Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր դաշնակից երկիրներուն, երբ անոնք խնդիր ունեցան Քաթարի հետ, ու վերջինին կողմնակից եղաւ: Սիւննի Թուրքիան եւ վահապական Սէուտական Արաբիան երբե՛ք կարելի չէ, որ նոյն տեսիլքը ունենան. անոնք միայն Սուրիան քարուքանդ ընելու համար միացան եւ հոն նոյնիսկ յաղթական դուրս չեկան` աւարտելով իրենց սատանայական դաշինքը: Էրտողան, սակայն, չ՛ուզեր ընդունիլ, որ արաբները չեն ցանկար վերադառնալ իրենց նախկին կացութեան` իբրեւ մաս Օսմանեան կայսրութեան: 26 դեկտեմբեր, 2017-ին Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին հարցերով պետական նախարար Անուար Քարքաշ իր «Թուիթըր»-ի էջին վրայ յայտարարած է, որ` «Արաբ աշխարհը չի կրնար ղեկավարուիլ Թուրքիոյ կողմէ». ուրիշ առիթով մը ան յիշած է, որ արաբական երկիրներուն համար անհրաժեշտ էր Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի` «արաբական առանցքի» մը շուրջ հաւաքուիլը. այսուհանդերձ, Թուրքիա հարիւրաւոր զինեալ ուժեր կը պահէ Քաթարի մէջ, իսկ վերջերս Սուտանի հետ ստորագրեց դաշինք մը, ըստ որուն, Թուրքիա պիտի բարեփոխէ եւ վերականգնեցնէ Սուտանի արեւելքը գտնուող Սուաքն կղզիի նաւահանգիստը, որ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ պատերազմական կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է, իսկ ներկայիս Թուրքիոյ համար խարիսխ մը պիտի ըլլայ Կարմիր ծովուն վրայ. բան մը, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի կասկածը կը հրաւիրէ Թուրքիոյ թաքուն նպատակներուն վրայ:

Էրտողանի նոր ծրագիրն է, այժմ, համաիսլամական գործնական շարժում մը ստեղծել. ան իր նպատակները իրականացնելու համար ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ իսլամական երկիրներու «մեծ եղբայր»-ը եւ պաղեստինեան հարցի մահմետական առաջնորդը: Կը թուի, որ Էրտողան քաղաքական տուեալներու լոյսին տակ համոզուած է այլեւս, որ ինք չի կրնար նոր խալիֆա մը ըլլալ իսլամական բոլոր երկիրներուն համար. սակայն, եթէ կարենայ զանոնք գոնէ քաղաքական դաշտին վրայ համախմբել իր ետին եւ զանոնք ներկայացնել համայն աշխարհին առջեւ, շատ հաւանաբար` ՄԱԿ-ի միջոցով, ապա լա՛ւ արդիւնք ձեռք ձգած պիտի ըլլայ:

Տարիներ առաջ` 2011-ին, երբ Էրտողան տակաւին վարչապետ էր, «Թայմ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ՄԱԿ-ի մասին խօսելով` ան յայտնած էր, որ «անհրաժեշտ է ՄԱԿ-ի մէջ բարեփոխումներ կատարել… անհրաժեշտ է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մնայուն անդամակցութիւնը վերցնել»: Սակայն ներկայիս, ան բնա՛ւ այդ նիւթին մասին չ՛արտայայտուիր: Արդեօք ան կը խորհի, թէ իսլամ պետութիւնները, որոնք ներկայիս աշխարհի վրայ երկու միլիառէ աւելի բնակչութիւն կը կազմեն, պէտք է մնայուն ներկայացուցի՞չ մը ունենան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ: Իսկ եթէ այդ մէկը հաստատուի, եւ անոնք ներկայացուցիչ մը ունենան, մի՞թէ ամենայարմարը Թուրքիան չէ` իբրեւ իսլամ երկիրներու ներկայացուցիչ…

Ահաւասիկ կը թուի, թէ ա՛յս է, ինչ կ՛երազէ Էրտողան. այլապէս, ինչո՞ւ նշեալ բոլոր աշխատանքները կը տանի, եթէ ինք նոյնիսկ չէ յաջողած իր նախկին իսլամական եւ արաբական ծրագիրներուն մէջ: Ան կը ջանայ աշխարհի բոլոր իսլամները համախմբել, զանոնք առաջնորդել, ուժեղ ազդեցութիւն եւ դիրք ունենալ` միւս հինգ պետութիւններուն նման (Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, Բրիտանիա եւ,  Ֆրանսա), եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ վեթոյի իրաւունք ստանալ. մէկ խօսքով` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ դառնալ:

Էրտողան ժամանակի ընթացքին, սակայն, պիտի ընդունի այն իրականութիւնը, որ ինչպէս իր բոլոր ծրագիրները սին եղած են, այս մէկը եւս միւսներուն նման պիտի ըլլայ, եթէ ինք իսկապէս այդ առումով ջանք կը թափէ…

hampomg@yahoo.com

Լոս Անճելըս, Յունուար 2018

 

 

Հարիւր Պատմական Դէպք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին առիթով մեր աշխատակիցներէն Աւօ Գաթրճեան պատրաստած է 100 դէպք, 100 դէմք եւ 100 յուշ-պատգամներ, զորս յաջորդաբար մեր էջերով պիտի հրատարակենք:

Առաջին հերթին` պատմական հարիւր դէպքեր, կը ներկայացնենք պարբերական դրութեամբ:

«Ա.»

————————————

Ազգերու պատմութեան մէջ ամրագրուած են յատկանշական դէպքեր ու դրուագներ, որոնք կը դառնան յուշարար ու մարտահրաւէր` վերանորոգման:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւս արձանագրուած են դէպքեր, դրուագներ եւ թուականներ, որոնք իրենց արձանագրումէն անմիջապէս ետք դադրած են սոսկական դէպք, թուական կամ յիշողութիւն ըլլալէ ու դարձած են խորհրդանշական թուականներ ու դէպքեր, որոնք իրենց մէջ կը խտացնեն պատմութիւն, յոյզեր, կեանք ու մահ, բայց մանաւա՛նդ` պատգամ եւ յանձնառութեան թելադրանք: Իսկ այդ օրերը ամէն մէկը առանձին, իր իւրայատկութեան համար եւ իր կարգին համապատասխան կը կոչենք ՏՕՆ, եւ այդ առումով ալ տեղի կ՛ունենան տօնակատարութիւններ:

Այդ իրադարձութիւններէն է հայոց տօներու տօնը` 28 մայիս 1918 թուականը:

Հետեւաբար այդ օրուան նպատակը խօսուն է, շարժառիթը` գործնական, խորհուրդը` ակնյայտօրէն բացայայտ:

Մայիսի 28-ը մեր անկախութեան տօնն է: Յաղթանակի եւ ազգային հզօր կամքի արտայայտութեան ժամանակաշրջան մը, որ պսակուեցաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի (թաթար. սեւ եկեղեցի. ներկայիս` Վանաձոր) եւ Բաշ Ապարանի (այժմ` ք. Ապարան) ճակատամարտերով: Տօն, որ սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումով:

24 ապրիլ 1915 թուականէն քանի մը տարի ետք հայ ժողովուրդի զաւակներուն միասնականութեամբ, մէկ սիրտով, մէկ բռունցքով եւ կազմակերպչական տաղանդով, իրենց անձնուիրումին բովանդակ ուժականութեամբ, հաւատքի ու յեղափոխականի արիութեան անխախտ կամքով մարմնաւորուեցաւ եւ կենդանացաւ հայ ժողովուրդի նորագոյն յարութիւնը, որ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն ոտքի հանեց հայութեան մնացեալ բեկորները եւ պատմութեան մէջ կարմիր տառերով արձանագրուեցան մայիս 28-ի փառաւոր յաղթանակը եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը: Հայութիւնը իր ամբողջական շարքերով ու անսակարկ նուիրումով, մոռցած` իր կրած Հայոց ցեղասպանութեան տառապանքներն ու դժուարութիւնները, անգամ մը եւս ոտքի կանգնեցաւ դարերէ ի վեր կորսնցուցած, բայց դարերէ ի վեր իր սրտին մէջ վառ պահած անկախութիւնը վերակերտելու ու իր պապենական հողերուն վերատիրանալու երազը իրականացնելու:

Արդարեւ, 1918 թուականի մայիս ամիսը կը խորհրդանշէ պատմական շարք մը իրադարձութիւններ, որոնց ընդհանրական իմաստը յաղթանակն է: Սարդարապատի եւ առհասարակ 1918 թուականի մայիսի 24-27 եռեակ հերոսամարտերու յաղթանակը ամբողջապէս կասեցուց թրքական բանակներու արշաւը դէպի Պաքուի նաւթահորերը:

28 մայիսը միայն հիմը չկազմեց Հայաստանի պետականութեան, այլ, հայու հպարտութեան ու վերելքի զգացումներու ձեւաւորման առընթեր, այս թուականով առաջին անգամ ըլլալով սկսաւ ձեւաւորուիլ Հայ դատի պայքարի ըմբռնումը, Հայաստանի ամբողջականութեան պահանջի իրագործումը, որ մեր բռնագրաւեալ հողերու ազատագրման երազին թեւ ու թափ տուաւ եւ երկար տարիներ սերունդներ մեծցուց` հայութեան վեհ իտէալներուն ծառայելու պատրաստակամութիւն ներշնչելով:

Մայիս 28-ը մեկնակէտն էր Հայաստանի անկախացումի գործընթացին, հայ ժողովուրդի միացեալ եւ ինքնիշխան ապրելու ձգտումին:

Միւս կողմէ` Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումն ու գոյատեւումը ձախողութեան մատնեցին թուրքերու համաթուրանական մեծ երազը, որ հիմնական նպատակակէտը եղած էր Մեծ եղեռնը կազմակերպողներուն: Մայիս 28-ի անկախութեան հերոսամարտը վերջակէտ մը դրաւ այն ճամբուն, որ Թուրքիոյ տարիներու երազն էր` Թուրանի ստեղծումը:

Հայ ժողովուրդի անկախ պետութեան հռչակման նախորդող ժամանակաշրջանը, հանրապետութեան գոյութեան ժամանակաշրջանի դէպքերը, ինչպէս նաեւ անոր անկման պայմանները ցոյց կու տան, որ հայ ազատագրական շարժումը, իր բացառիկ յաջողութիւններուն առընթեր, ունեցաւ նաեւ իր ընկրկումը:

Արդարեւ, խօսիլ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան եւ անկախութեան մասին` կը նշանակէ անդրադառնալ այդ ժամանակաշրջանի կարեւորագոյն թուականներուն ու անոնց ընդմէջէն ընդգծել դէպքերն ու իրադարձութիւնները, վերիվայրումները, մարտական եւ քաղաքական գործունէութիւնները:

Հետզհետէ երբ համաշխարհայնացումը կը սպառնայ մեր ազգային արժէքներուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիան իր քարոզչական մեքենայով եւ տնտեսական նուաճումներով կը փորձէ շրջանցել Հայ դատի բոլոր աշխատանքները, մայիսեան հերոսամարտն ու այդ ժամանակաշրջանի իրադարձութիւնները, բոլոր ժամանակներէ աւելի,  կը խօսին մեզի եւ նոր մարտահրաւէրի եւ հրամայականի առջեւ կը դնեն հայութիւնը անխտիր` առանց նկատի առնելու գաղափարական տարբերութիւններն ու դաւանանքը, թէեւ փոխուած են տարեթիւերը, մարդիկ ու մանաւանդ քաղաքականութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ամիսներ առաջ եւ անոր յաջորդող քանի մը տարուան ժամանաշրջանին արձանագրուած են բնականաբար հարիւրաւոր յատկանշական անկիւնադարձային իրադարձութիւններ ու դէպքեր, սակայն այստեղ յարմար կը նկատենք ներկայացնել միայն հարիւրը, որոնք մեզի կը պարտադրեն լրջօրէն անդրադարձ կատարել եւ լուսարձակի տակ առնել հայութիւնը յուզող, յուշող, խարազանող, զգաստութեան հրաւիրող խիստ կարեւոր 100 դրուագներ` իբրեւ որոնք  յուշարար ու մարտահրաւէր վերանորոգման:

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով հոս ներկայացուած թուականները, դէպքերը ու իրադարձութիւնները հայոց պատմութեան ամէնէն կարեւոր անկիւնադարձային հանգրուաններն են, որոնք համայնապատկերի մը ընդմէջէն իրականութիւնն ու անցեալի դասերը խօսուն օրինակ պէտք է ծառայեն աշխարհացրիւ բոլոր հայերուն, յատկապէս` Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան եւ գալիք պետական այրերուն, որպէսզի դասեր քաղելով` մեր ծաղկուն պապենական Հայաստանը ա՛լ աւելի ծաղկեցնենք, մեր ազգը ա՛լ աւելի բարօր կեանք ապրի, մեր պետութեան աւագանին թիավարէ մեզ հանգիստ, ապահով, մեր ազգային դիմագիծը եւ գիտակցութիւնը առանց ապականելու, այս դժուարութեամբ աշխարհին մէջ մեր ինքնութիւնը «Մեր հայրենիք»-ը, իր խորհրդանիշ եռագոյնով լսելի ու տեսանելի դարձնէ այս աղմկալի աշխարհին մէջ ու, տակաւին, իրագործելու Հայ դատի մաս կազմող ամէնէն հիմնական մէկ նպատակը`

Անկախ, Ազատ Եւ Միացեալ Հայաստանը:

Բաշ Ապարանի Ճակատի հրամանատարական կազմ

1- Դեկտեմբեր 1917: Արամ Մանուկեան (Սերգէյ Յովհաննէսեան), իբրեւ լիազօր ներկայացուցիչ, Թիֆլիսի Ազգային խորհուրդին կողմէ կը ղրկուի Երեւան, ուր կը տիրէր կատարեալ յուսահատութիւն եւ անիշխանութիւն: Երկրին մէջ անդորրութիւնը վերահաստատելու համար կը կազմուի յատուկ կոմիտէ մը` Արամի ղեկավարութեամբ` կը յայտարարուի զօրակոչ:

Ճգնաժամային այդ օրերուն ժողովուրդը Արամին կը յանձնէ ամէն իշխանութիւն եւ զայն կ՛ընտրէ տիքթաթէօր, բայց իր ամբողջ կեանքը ժողովուրդին մէջ անցուցած եւ անոր նուիրաբերած, մաքրամաքուր ազգային անձնաւորութիւնը չի դառնար միապետ:

2- 6 փետրուար 1918: Ռուսական կանոնաւոր բանակներու նահանջէն ետք կը մնան միայն հայկական զօրամասերը: Թուրքերը կ՛անցնին ընդհանուր յարձակումի. կը գրաւեն` Երզնկան, Տրապիզոնը, Բաբերդը, Կարինը եւ կը յառաջանան դէպի Ռուսահայաստանի սահմանները:

3- 16 փետրուար 1918: Սէյմը կ՛որոշէ հաշտութիւն կնքել Թուրքիոյ հետ:

4- 3 մարտ 1918: Գերմանիոյ եւ խորհրդային իշխանութեան միջեւ կը ստորագրուի Պրեսթ-Լիթովսկի դաշնագիրը, ըստ որուն, Կարսի, Արտահանի եւ Պաթումի շրջանները կը յանձնուին թուրքերուն:

5- 9 մարտ 1918: Սէյմը կ՛որոշէ Անդրկովկասը անկախ հռչակել եւ նոր բանակցութիւններ սկսիլ Թուրքիոյ հետ:

6-12 մարտ 1918: Չխենկելիի հրամանով Կարսը թուրքերուն կը յանձնուի առանց դիմադրութեան: Բուռն վրդովում` հայութեան բոլոր շարքերուն մէջ:

7- 31 մարտ 1918: Հայոց ազգային զօրաբանակը ունէր 19.590 մարտիկ, որոնցմէ 818-ը` սպայ:

8- 7-8 ապրիլ 1918: Վրացիներէն եւ ազրպէյճանցիներէն լքուած` Արարատեան դաշտին մէջ, Արամի եւ Դրոյի գլխաւորութեամբ,  հայերը հերոսական կռիւներ կը մղեն թուրք կանոնաւոր բանակին դէմ:

9- 15 մայիս 1918: Թուրքերը առանց իրենց ներկայացուցած վերջնագրի պատասխանը սպասելու` կը գրաւեն Ալեքսանդրապոլը (այժմ` Գիւմրի):

Ազգային խորհուրդի սիրտը հանդիսացող եւ Հայաստանի ՏԻՔԹԱԹԷՕՐ հռչակուած Արամ Մանուկեան ստանձնած է արդէն հայրենիքի պաշտպանութեան դժուարին պարտականութիւնը: Երեւանի մէջ, ղեկավարի իր կազմակերպչական տաղանդով, իր անձնուիրումին բովանդակ ուժականութեամբ եւ իր հաւատքին ու յեղափոխականի արիութեան անխախտ կամքով Արամ Մանուկեան կը մարմնաւորէ ու կը կենդանացնէ հայ ժողովուրդի նորագոյն յարութիւնը` իբրեւ մէկ ամբողջութիւն ոտքի հանելով հայութեան բոլոր բեկորները:

10- 17 մայիսի 1918: Բաշ Ապարանի գաւառին մէջ յայտարարուած է պատերազմական իրավիճակ: Անընդհատ հնչած են եկեղեցիներու զանգերը: Գիւղերու տանուտէրերը, քահանաները մարտի ընդունակ տասնութ տարեկանէն բարձր բոլոր տղամարդիկը զինած եւ ուղարկած են Պաշտպանութեան խորհուրդի տրամադրութեան տակ: Սեդրակ Ջալալեանն ու Արսէն Տէր Պօղոսեանը ուսումնասիրելով շրջանը` որոշած են պաշտպանութեան առաջին գիծը հաստատել Նիկաւան-Միրաք գիւղերու միջեւ ձգուած բարձունքներուն: Նորակազմ զօրաջոկատներն ալ ուղարկուած են ճիշդ այդ գիծը:

(Շար. 1)


Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Փետրուարեան Ապստամբութիւնը…Մայիսեան Անկախութեան Հետքերով

$
0
0

Հազիւ երկուքուկէս տարուան պատմութիւն ունեցող Հայաստանի Ա. անկախութեան (1918-1920) յաջորդող անքակտելի իրադարձութիւններէն մէկն է Փետրուարեան ապստամբութիւնը, որուն մասին ալ հաւանաբար շատ մելան պիտի հոսի, յատկապէս` յառաջիկայ մայիսին, անկախութեան հարիւրամեակին առթիւ կազմակերպուելիք զանազան գիտաժողովներու ընթացքին:

13 փետրուար, 1921-ին սկիզբ առած հակախորհրդային շարժումը հայոց պատմութեան էջերուն մէջ կը յիշուի իբրեւ փետրուար 18-ի ապստամբութիւն, որ պարզ ու մեկին պոռթկումն էր հողին կառչած հայորդիին, որ հերոսաբար եւ ամէն գնով կը պայքարէր ու կ՛ապստամբէր անարդարութեան, բռնակալութեան եւ անիրաւութեան դէմ:

Անհանդուրժելի կացութիւն մը ստեղծուած էր համայնավար Հայաստանի մէջ, մանաւանդ երբ 2 դեկտեմբեր, 1920-ին, այդ օրերու պոլշեւիկ յեղափոխական իշխանութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ կնքուած էր ութ կէտերէ բաղկացած համաձայնագիր մը, որուն հիմամբ Հայաստան կ՛ընդունէր խորհրդային կարգերու հաստատումը: Հիմնական հասկացողութիւնն ու համոզումն էր սակայն, որ ան պիտի պահէր ներքին անկախութիւնը, գոհացում պիտի տրուէին հողային անոր կարգ մը իրաւունքներուն, իսկ հայկական բանակի հրամանատարական կազմն ու առաջին անկախութեան մեծ դերակատարութիւն ունեցած ՀՅ Դաշնակցութեան անդամները պիտի չհալածուէին եւ պատասխանատուութեան պիտի չկանչուէին իրենց նախորդ գործերուն համար:

Նոյնիսկ նշուած էր նաեւ, որ խորհրդային կառավարութիւնը միջոցներ ձեռք պիտի առնէր ամէն գնով թիկունք կանգնելու Հայաստանի ապահովութեան:

Սակայն այդ հաստատումները միայն թուղթի վրայ արձանագրուած խոստումներ էին, եւ ընդհակառակը, հայ պոլշեւիկները օտար ու թշնամի բանակի վայրագութեամբ վարուեցան իրենց սեփական երկրին ու ժողովուրդին հետ:

Քանի մը տարի առաջ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ Ապարանի մէջ մինչեւ վերջին փամփուշտ պայքարած բազմաթիւ հայորդիներ այս անգամ որոշած էին զէնք վերցնել իրենց երկրին մէջ:

Ապստամբութեան օրերուն Երեւանի բանտերուն մէջ սպանդ կատարուեցաւ, սակայն հայորդին անյոյս չմնաց ու պայքարեցաւ: Այսպէս, ծայրայեղ համայնավարները փոխարինուեցան համեմատաբար աւելի ազգային ջիղերու տէր տարրերով գլխաւորութեամբ Ալեքսանդր Միասնիկեանի:

Դէպքերը միայն մայրաքաղաք Երեւանի մէջ տեղի չէին ունենար, այլ Հայաստանն ու հայորդին ամէնուրեք զօրակոչի ենթարկուած էին: Եւ այս հողին կառչած մնալու եւ յանուն ազգային անվտանգութեան պայքարելու միեւնոյն ոճն է, որ շարունակուեցաւ տարիներ ետք, Խորհրդային Միութեան փլուզումի օրերուն, երբ միեւնոյն հաւատքով Արցախը կարելի ելաւ վերագրաւել, որու ազատագրական շարժման ազդանշանն ալ տրուած էր փետրուար (1988) ամսուան ընթացքին:

Ի դէպ, պատմութիւնն ալ կը փաստէ, որ այդ միեւնոյն յամառութեամբ հայորդին պայքարած էր դարեր առաջ… 450-451-ին, անգամ մը եւս փետրուար ամսուն, եւ այդ ալ` Աւարայրի մէջ:

Վերադառնալով Փետրուարեան ապստամբութեան` ան կը դառնար պատմականօրէն առաջին ըմբոստութիւնը պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ:

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Ազգային Գաղափարախօսութեան Առաջամարտիկ

$
0
0

Որեւէ երկրի կամ պետութեան ընկալեալ խորհրդանիշներից բացի, պետական համակարգում կան մարմիններ, որոնք, ըստ էութեան, կրում են խորհրդանիշ լինելու առաքելութիւն: Այս դիտանկիւնից, իւրաքանչիւր պետութեան համար կարեւորագոյն խորհրդանիշներից մէկը զինուած ուժերն են, մասնաւորապէս` բանակը: Պետութեան զինուած ուժերը նախ եւ առաջ վկայում են երկրի անկախութեան իրողութեան մասին, ապա ծառայում` որպէս պաշտպանուածութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւոր:

Իւրաքանչիւր երկիր, որն ունի բանակ, հպարտանում է` իր ուժերի վրայ հիմնուելով իր երկրի ինքնիշխանութեան պահպանման ունակութեամբ: Իսկ թոյլ, մասնատուած, փլուզման եզրին կանգնած երկրների ամենախոցելի կողմը, դեռ նախքան պետական համակարգի անկումը,   լինում է բանակը:

Հայկական բանակի օրը նշւում է յունուարի 28-ին: 1992թ.-ի այդ օրը պատմական որոշում ընդունուեց «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ»` այդ կերպ յայտնելով հայկական ազգային բանակի ստեղծման մասին:

2018 թուականին նշում ենք Հայաստանի պետականութեան վերականգնման 100-ամեակը: Այդ օրերի յուշագրութիւնները թերթելով` Հայաստանի բանակի եւ զինուած ուժերի վերաբերեալ հանդիպում ենք տարաբնոյթ մեկնաբանութիւնների: Չենք կարող հպանցիկ անցնել 1919 թուականի հանրապետութեան մէկամեայ տարեդարձին նուիրուած հայոց բանակի երեւանեան շքերթի կողքով: Չենք կարող նաեւ չնկատել այն դասալքութիւնը, որն ապրեց հայկական բանակը 1920 թուականին` Կարսի անկման ժամանակ: Իսկ այս բոլորից պէտք է դասեր քաղել: Դասեր պէտք է քաղել նաեւ մեր օրերի իրադարձութիւններից: Ապրիլեան պատերազմից յետոյ բանակում տիրող մթնոլորտը միանգամից վերափոխուեց: Բանակը մի ակնթարթում դարձաւ բոլորիս մտահոգութեան առարկան ու աչքի լոյսը: Իսկ մեր պայմաններում, արցախեան իրականութեան մէջ աւելի խորը եւ ամբողջական զգացինք բանակի կարեւորութիւնն ու պարծենում` մեր հայկական բանակով:

Դաշնակցութիւնը միշտ կողմնակից է եղել համաժողովրդական բանակ, ազգային բանակ կամ, ինչպէս հիմա է ասւում, ազգ-բանակ գաղափարախօսութեանը: Իսկ ազգ-բանակ գաղափարախօսութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան` իւրաքանչիւր հայի մասնակցութիւնը հայոց բանակի կայացմանն ու հզօրացմանը:

Միւս կողմից` բանակը եւս պարտականութիւն ունի իւրաքանչիւր հայի հանդէպ: Բանակը պէտք է դառնայ այն կոփման վայրը, որտեղ իւրաքանչիւր հայ պէտք է զգայ ազգային դաստիարակութեան ոգին ու շունչը: Անշուշտ ազգային գաղափարախօսութեամբ տոգորուած բանակն առաւել հզօր է ու անկոտրում: Ազգային բանակ դառնալու համաժողովրդական աջակցութիւն վայելելու պատասխանատուութիւնը ծանր է: Իսկ այդ պատասխանատուութիւնը իր վրայ պէտք է կրի իւրաքանչիւր բանակային` շարքային զինուորից սկսած մինչեւ գերագոյն գլխաւոր հրամանատար:

Թող հայոց ազգային բանակի դրօշը երբեք չխոնարհուի, եւ այդ դրօշի առաջնորդութեամբ իրականացնենք մեր ժողովրդի ազգային գաղափարները` իրականացնենք միացեալ եւ անկախ Հայաստանի տեսլականը:

1 փետրուար 2018թ.

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Երիտասարդութեան Ուժը Մեր Կեանքը Վերանորոգելու Իր Յանդգնութեան Եւ Ինքնավստահութեան Մէջ Է

$
0
0

Ի զուր չէ ըսուած, որ մեր ապագան մեր զաւակներն են, ինչպէս որ դիպուկ խօսք է, թէ ազգի մը ապագան կերտողը անոր նոր սերունդն է:

Որքան ալ հասարակ տեղիք եւ ծանօթ կաղապարում թուին երիտասարդութեան վերաբերեալ այսօրինակ` ժողովրդակա՛ն ընդհանրացումները, այդուհանդերձ բացայայտ է, որ կեանք մտնող ամէն սերունդ իր հաւաքական դէմքով կը դրոշմէ մարդկային կեցութեան իր միջավայրն ու քաղաքակրթական երթը:

Նոյնիսկ երբ տժգոյն ըլլալու, կամ ուրոյն համ ու հոտ չունենալու աստիճան հասարակ եւ սովորական թուի նոր սերունդին դէմքը, ճշմարտութիւնը կը մնայ նոյնը. երիտասարդութեան մէջ կը տեսնես վաղուան քու հաւաքական պատկերդ` իր փառքով թէ ողբերգութեամբ, իր ճառագայթումով թէ մռայլութեամբ:

Ահա թէ ի՛նչ առումով հայ ժողովուրդի եւ հայ երիտասարդութեան այսօրուան ու գալիքին մասին հաւաքաբար խորհրդածելու եւ մեր երթը վերանորոգելու խանդավառութեամբ ոգեւորուելու առիթը կ՛ընձեռէ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան հիմնադրութեան 70-ամեակը:

Անոնք, որոնք ներկայ գտնուեցան կամ մամուլով հետեւեցան մեր երիտասարդականի 70-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու մեկնարկը պաշտօնապէս կատարող հանդիսաւոր տօնակատարութեան, անկասկած հպարտութեամբ համակուեցան եւ խանդավառութեամբ հաստատեցին, որ խօսք ունեցող եւ ուղի հարթելու վճռակամութեամբ լեցուած նոր սերունդ մը արդէն իր ներկայութիւնը ամրագրած է մեր կեանքէն ներս:

Այո՛, ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական եւ պատանեկան միութեանց շարքերէն այսօր ալ կը հասնին տղաք եւ աղջիկներ, որոնք երիտասարդացման շունչով կը թարմացնեն ազգային կեանքի մեր առօրեան` համահայկական մեր տենչերուն եւ հոգերուն, մեր նպատակներուն եւ ծառայութեանց առջեւ հեռանկար բանալու, այլեւ` սերունդի՛ իրենց ներդրումը բերելու ինքնավստահութեամբ:

Մեր ակումբներուն ու պատանեկան երիտասարդական ժողովներուն մէջ թրծուեցաւ նաեւ այս սերունդը, որ իր նախորդներուն համեմատած աւելիով յունարէն խօսելով կամ յունական առօրեային ընդելուզուած ըլլալով մէկտեղ` ոչ միայն հայօրէն կը նայի կեանքին ու աշխարհին, այլեւ` դաշնակցականօրէն վճռական է անսակարկ նուիրուելու Հայ դատի պայքարին եւ Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանութեան դատին:

Անշուշտ մեր տուներէն, դպրոցներէն եւ եկեղեցիներէն ստացած իրենց հոգեմտաւոր աւիշով կազմաւորուած է հայեցի դիմագիծը այս սերունդի տղոց եւս: Հայ երգին ու պարին, հայերէն բանաստեղծութեան ու հայոց պատմութեան նկատմամբ սէրն է, որ զանոնք բերած է Դաշնակցութեան, որուն պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւնները դարձած են նաեւ այս սերունդի տղոց գաղափարական թրծումի հնոցը` հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան մեծ իտէալը անոնց երակներուն մէջ հոսող արիւնին կենսայորդ թթուածինին միախառնելով:

Թէեւ եօթանասուն տարին շատ երկար ժամանակ է երիտասարդ մնալու համար, բայց 70-ամեայ մեր երիտասարդականը Դաշնակցութենէն առած է երիտասարդացման ու վերանորոգման թարմութեան ներուժը:

Սոսկ տարիք չէ երիտասարդութիւնը, այլեւ` երիտասարդական ոգի ու կեանքն ու աշխարհը նոր ու սեփական հունով յառաջ մղելու յանդգնութիւն, ինչ որ գոյութեան իմաստն ու գերագոյն նպատակը եղաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` հայը դարաւոր գերութեան վիճակէն դուրս բերելու, մարտունակ եւ իրաւատէր ազգ դարձնելու եւ ազատ ու անկախ հայրենիք նուաճելու եւ ազգային պետականութիւն կերտելու առաջադրանքով:

Մեր երիտասարդութիւնը այսօր վկան է ու դրօշակիրը հայ ժողովուրդի ազգային այդ անսպառ ուժին, որ Մայիս 28-ի լուսաշող արեւածագին հետ, հարիւր տարի առաջ, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հանգանակով կնքեց մեր սերունդներու ազգային գիտակցութիւնն ու հաւաքական յիշողութիւնը:

Յատկապէս արեւմտեան կողմն հայաշխարհի, ուր հակահայ հալածանքի, ճնշումներու եւ բռնութիւններու բացակայութեան այլապէս բարեբեր պայմաններուն մէջ դիւրին են օտարացումը, մեղկութիւնը եւ համակերպողական ձեռնթափութիւնը, ՀՅԴ երիտասարդական ու պատանեկան միութիւնները ստանձնած են ժամանակի հոսանքը սեփական տեսլականներուն ուղղութեամբ հունաւորելու դժուարին, այլեւ հպարտառիթ առաքելութիւնը:

ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան 70-ամեակը ազգային ու հաւաքական մեր շարունակուող երթին արգասիքը արժեւորելու առիթը կը ներշնչէ: Ինչպէս որ պտուղը ծառէն հեռու չ՛իյնար, նոյնպէս եւ մեր երիտասարդներն ու պատանիները ազգային մեր պահանջատիրութեան անտեղիտալի վճռակամութեամբ կը ճառագայթեն:

Ի վերջոյ, բնութեան օրէնքով իսկ երիտասարդութեան ուժը կը կայանայ կեանքն ու աշխարհը վերանորոգելու, վերակերտելու երիտասարդակա՛ն հաւատքին, ինքնավստահութեան ու յանդգնութեան մէջ:

Իսկ Դաշնակցութեան շունչով ու յեղափոխական ոգիով թրծուած հայ երիտասարդութեան համար օդի, լոյսի եւ ջուրի պէս կենսական են հայ ժողովուրդի պայծառ ապագան նուաճելու եւ ազգային մեր պահանջատիրութիւնը յաղթանակով պսակելու երիտասարդական հաւատքը, ինքնավստահութիւնը եւ յանդգնութիւնը:

Վկայ` ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան 70-ամեակը:

Ճամբայ բացէք հայ երիտասարդութեան:

 

Բարի Լոյս 35. Մենք Լիբանանահայութիւնն Ե՛նք

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Մօտաւորապէս երկու ամիսներ մեզի կը բաժնեն Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու թուականէն: Նախորդ ընտրութիւններէն 9 տարի ետք` 6 մայիսին, Լիբանանի ժողովուրդը առիթ պիտի ունենայ արտայայտելու իր կամքը եւ ընտրելու խորհրդարանի իր ներկայացուցիչները: Բնականաբար այս ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ քաղաքական կողմեր, նաեւ անհատ քաղաքացիներ կապած են մեծ յոյսեր եւ ունին արդար ակնկալութիւններ ու սպասումներ:

Անցնող ինը տարիներուն ընթացքին Լիբանան ապրեցաւ քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական ծանրակշիռ վերիվայրումներ, եւ այս բոլորին ի տես քաղաքացին վճարեց բաւական սուղ գին եւ երկրի զարգացումն ու յառաջընթացը բախեցաւ մեծ պատնէշներու, աւելի՛ն` բազմաթիւ մակարդակներու վրայ արձանագրուած նահանջը արգելակեց եւ յաճախ կասեցուց յետքաղաքացիական պատերազմի նոր փուլի` խաղաղութեան, բարգաւաճման ու կայունութեան ամրապնդման հոլովոյթը:

Երկար երկունքէ ու նաեւ քաղաքական քաշքշուքներէ ետք Լիբանան օժտուեցաւ ընտրական նոր օրինագիծով մը, որ այսօր բոլոր կողմերը կը դնէ անկանխատեսելի կացութեան մը դիմաց եւ կը պարտաւորեցնէ բոլորին վերատեսութեան ենթարկելու ընտրական իրենց արժեւորումները եւ լաւապէս ու զգուշ սերտելու «խաղ»-ի նոր կանոնները: Լիբանանահայութիւնը այս ընտրութիւններուն կը մասնակցի իր կարգին վերանորոգ յանձնառութեամբ ու սպասումներով եւ իր իրաւունքները պաշտպանելու արդար ու հաստատ վճռակամութեամբ:

ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական մեքենան արդէն շատոնց սկսած է իր աշխատանքին, եւ մեր ակումբները ամիսներէ ի վեր կը կատարեն նախապատրաստական անհրաժեշտ դրսեւորումները: Յառաջիկայ երկու ամիսներուն բնականաբար աշխուժութիւնը պիտի դառնայ աւելի ակներեւ, եւ մեր ընտրական աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն բոլորը անխտիր` կուսակցական եւ համակիր: Ասիկա մե՛ր տեսակին` լիբանանահայու տեսակին հարազատ դրսեւորումն է, որ վճռորոշ պահերու մեզ կը դնէ շատ աւելի բարձր գիտակցութեան դիմաց:

Արդէն իսկ բազմիցս յայտարարուած է, թէ այս ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛առաջադրէ հայկական գործօնի հզօրացումը եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներու թիւին ընդարձակումը, որպէսզի աւելի ընդգրկուն ձեւով կարելի ըլլայ անսալ լիբանանահայ համայնքի ու հայ քաղաքացիի կարիքներուն եւ պահանջներուն: Այս գործօնի արմատաւորման համար Դաշնակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ համայնքի համախմբուածութիւնն ու միասնական ուժի դրսեւորումը` յարգելով տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններու երբեմն հակոտնեայ տեսակէտներն ու քաղաքական վարքագիծերը: Հայկական գործօնի այս անհրաժեշտութեան շեշտադրումէն կը բխին ՀՅ Դաշնակցութեան որդեգրելիք ընտրական դաշինքները եւ թեկնածուներու ճշդման եղանակն ու հոլովոյթը: Աւելի՛ն, բոլոր յաղթանակներէն վեր Դաշնակցութեան համար մեծագոյն յաղթանակը այս գործօնի յաղթանակն է, որով կարելի պիտի ըլլայ երաշխաւորել լիբանանահայ գաղութի կենսունակութիւնը, Լիբանան հայրենիքի վերաշինութեան ու զարգացման երթին մէջ ունենալ վճռորոշ դերակատարութիւն, պահել երկրի համայնքային համակեցութեան անփոխարինելի սկզբունքը եւ վերջապէս տէր կանգնիլ լիբանանահայ գաղութի համահայկական դերակատարութեան ու այդ ծիրի մէջ իբրեւ կեդրոնական գաղութ իրեն վստահուած բոլոր պարտաւորութեանց:

Ահաւասիկ այս քաղաքական ու գաղափարական յստակատեսութեամբ մենք բոլորս միասին  կը լարենք մեր ճիգերը, կը կեդրոնացնենք մեր ուժը եւ կը դրսեւորենք մեր հաւաքական կամքը: Վստահաբար գալիք օրերուն, ընտրական պրկուած ընդհանուր մթնոլորտին մէջ, հայ կեանքը ականատես ու ականջալուր պիտի դառնայ երբեմն անհաշտ եւ երբեմն անտրամաբանական մօտեցումներու  քաղաքական այն հատուածներուն կողմէ, որոնց համար հայկական գործօնի առկայութիւնը այդքան ալ ձեռնտու չի նկատուիր: Այդ կողմերու ծուղակին մէջ հաւանաբար նաեւ փորձութեան պիտի մատնուին ու ներքաշուին հայ անհատներ` երբեմն ժամանակաւոր խոստումներով «գինովնալով» եւ յաւակնոտ ախորժակներով պահը օգտագործելու խեղճ եւ խաբուսիկ տրամաբանութեամբ: Այս բոլորը բնական պէտք է սեպել, սակայն բնական պէտք է նկատել միաժամանակ այս բոլորին դիմաց տրուելիք լիբանանահայութեան հատու պատասխանները:

Այսօր պահն է անկաշառ գործի, պատասխանատու խօսքի, քաջ որոշումի ու արդար կեցուածքի դրսեւորման, եւ այս բոլորին յենարանը մեզի համար կը մնայ լիբանանահայութիւնը` իր ուրոյն դիմագիծով, իր պատմական կենսափորձով, լիբանանեան հայրենիքին նկատմամբ, բոլոր կողմերէն աւելի իր ցուցաբերած հաւատարմութեամբ ու անկեղծութեամբ:

Նորելուկ դասատուներու, ժամանակաւոր բարեկամներու եւ իբրեւ թէ մեր լաւը ցանկացող հաշուենկատ գործակիցներու տեղը մեր մօտ չէ. ո՛չ ալ մենք պատրաստ ենք ամէն վայրկեան մոռնալու մեր հիմնական գործն ու զբաղելու ժամանակակորուստ եւ մեր հիմնական առաջադրանքէն մեր կեդրոնացումն ու հետաքրքրութիւնը շեղող թակարդուած սադրանքներով եւ արկածախնդրութիւններով:

Պահը գործի պա՛հ է, եւ այդ ազնուական գործին ու վեհանձն մօտեցումին մէջ իւրաքանչիւր լիբանանահայ պիտի տեսնէ իր գաղութին ու նաեւ իր արժանապատուութեան եւ իրաւունքներու պահպանման ամբողջական երաշխիքները: Միասնաբար կոչուած ենք հզօրացնելու հայկական գործօնը եւ 6 մայիսի երեկոյեան արդիւնքներու հրապարակումէն անմիջապէս ետք, անգամ մը եւս միասնաբար հաստատելու բարեկամին եւ մեր հակառակորդին` բարձրաճակատ ու հպարտ, որ ՄԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆՆ Ե՛ՆՔ:

 

 

 

Խմբագրական. 1921-ի Եւ 1988-ի Փետրուարները

$
0
0

Ժամանակ յղացքը յարափոփոխութիւն կը յառաջացնէ նաեւ եզրաբանութիւններու ընկալումի մակարդակով: Տուեալ ժամանակաշրջանի հասարակագիտութիւնը, բնականաբար աշխարհաքաղաքական օրակարգի հետ կապուած զարգացող գործընթացներու առընթեր փոփոխութեան կ՛ենթարկէ երեւոյթներ բացատրելու բառագիտութիւնը: Առանց տարբեր ոլորտներու վերաբերող երեւոյթներու յատուկ եզրաբանութեան օրինակներով տարածուելու, կեդրոնանանք մասնակի բառերու վրայ` ըսելու համար, որ յեղափոխութիւն բառը նոյն իմաստը չունէր 19-րդ դարու վերջաւորութեան. նոյնը ապստամբութիւնը, աւելի մասնակիացնելով նաեւ ահաբեկչութիւնը:

Այս խոհերը մեր մտածողութեան առանցքին կը յայտնուին, երբ ապստամբութիւն բառակապակցութեամբ կ՛ուզենք բնութագրել 1921-ի փետրուարի ժողովրդային ընդվզումը: Ըստ էութեան միեւնոյն մղումներով էր, որ կը յառաջանային 1921-ի ընդվզումը համայնավարական նորահաստատ կարգերուն եւ 1988-ի փետրուարեան շարժումը` ազրպէյճանական բռնատիրութեան դէմ:

Ինչպէս նկատելի է արդէն, 1988-ի փետրուարեան շարժումին քաղաքականօրէն չ՛օգտագործուիր ապստամբութիւն եզրը: Երկուքն ալ համաժողովրդային ընդվզումի արդիւնք` տիրող վարչակարգի դէմ դէպի զինեալ ապստամբութիւն գացող շարժումներ էին, որոնց նպատակը հայ մարդու եւ անոր հայրենիքին ազատագրումն էր: Ընկերային-հասարակական եղելոյթներ բնութագրող բառերը ունին իրենց քաղաքական հիմնաւորումները, որոնք տուեալ ժամանակին եւ պայմաններուն օրինաչափութիւնները կը կրեն:

Երանգային-իմաստային տարբերութիւն գոյութիւն ունի անհնազանդութեան եւ ապստամբութեան միջեւ: Մինչ, քաղաքացիական անհնազանդութիւնը կը վերաբերի օրէնքի խախտումի, իրաւապահ մարմիններու որոշումներուն չենթարկուելու եւ նոյնիսկ բռնարարքներով խուլիկանական քայլերու դիմելու, ապստամբութիւնը աւելի կազմակերպ զինեալ գործողութիւններու ընդհանրութիւն է, յեղափոխական արարք` դասական ըմբռնումով:

Ազգային-աւանդական ըմբռնողութեամբ ժողովուրդները կ՛ապստամբին, զէնքի կը դիմեն, բռնամիջոց կը կիրարկեն զիրենք ազատազրկող, իրենց հայրենիքը գրաւող, իրենց անկախ ապրելու իրաւունքը խլող օտար բռնատիրութիւններու դէմ: Իսկ 21-րդ դարու ներկայ պայմաններուն մէջ, քաղաքացիական անհնազանդութիւնը, օրէնքի խախտումը, խուլիկանական արարքներու դիմելը  կը հարուածեն իրաւական պետութիւն կերտելու առաջադրանքի իրականացումը:

Փետրուարեան խորհուրդներուն մէջ սերտ առնչութիւն ունին ուրեմն 1921-ի փետրուարի եւ 1988-ի արցախեան ապստամբութիւնները: Կայ հարազատութիւն մարդկային-ազգային մղումներու, ինքնակազմակերպուելու, համաժողովրդայնացնելու, օտար բռնատիրութիւնը մերժելու, բռնի կերպով հաստատուած կարգերը տապալելու, կառավարման ազգային համակարգը  վերադարձնելու առումով:

Տարին կը յատկանշուի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի յոբելեանով: Փետրուարեան ապստամբութիւնը մէկ կարեւոր էջն է հանրապետութեան կարճատեւ կեանքի աւարտին: Քաղաքականացուած պատմագրութեան կողմէ արկածախնդրութիւն որակուած համաժողովրդային ծառացումի պատմական այս փուլը վերստին լոյսին կու գայ տարբեր առիթներով անպայման: Համաձայնութիւնները խախտած նոր հաստատուող բռնատիրութեան դէմ ժողովրդային ապստամբութեամբ կառավարութիւնը վերաազգայնացուցած այս շարժումի գաղափարական-պատմագիտական արժեւորումը մերօրեայ իրադարձութիւններուն կարեւոր ուղերձներ կը փոխանցէ վստահօրէն, յատկապէս արցախեան շարժումին հետ խորհուրդներու համատեղելիութիւններ ընդգծելով:

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live