Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Յովհաննէս Աղպաշեանի Հարուստ Գրական Ժառանգութիւնը

$
0
0

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Արուեստագիտութեան դոկտոր

Ընթերցողի սեղանին է վերջերս լոյս տեսած «Յովհաննէս Աղպաշեան» ժողովածուն: Սա իւրայատուկ եւ մեծապէս ողջունելի ձօն է անուանի մտաւորական, ազգային եւ հասարակական գործիչ Յովհաննէս Աղպաշեանին իր երախտապարտ ու հաւատարիմ որդու` Պարոյր Աղպաշեանի կողմից: Անմոռանալի ծնողքի` հօր յիշատակին եւ նրա կեանքից ֆիզիքապէս հեռանալու 30-ամեակին առիթով, մշակութային գործիչ, բանասէր, մանկավարժ, խմբագրապետ, գրագէտ Պարոյր Աղպաշեանը, թէ՛ որդիական ջերմագին զգացումներով եւ թէ՛ մասնագիտական բարձր կարողութեամբ կազմել է բացառիկ հետաքրքրական ստուար հատոր, որը բազմակողմանիօրէն ներկայացնում է ընթերցողին Յովհաննէս Աղպաշեանի էութիւնը, կեանքը, ստեղծագործական ուղին: Ինչպէս արդարացիօրէն նշուած է գրքում` «այս հաւաքածոն թէ՛ յիշատակագրական, թէ՛ երախտագիտական լիաբուռն արտայայտութիւն մըն է»: Իրապէս, այո՛ ժողովածուն էջ առ էջ, տող առ տող բացում է ընթերցողի առջեւ սփիւռքում, հայրենիքում, նաեւ արաբ մտաւորական աշխարհում քաջածանօթ մտաւորական Յովհաննէս Աղպաշեանի հարուստ եւ բազմաբովանդակ, բազմակողմանի ու բազմաբնոյթ գրական ժառանգութիւնը: Անսակարկելի է եւ փաստացի, որ Յովհաննէս Աղպաշեանի երկար տասնամեակների ազգային-քաղաքական, գրական-հրապարակագրական, երգիծական ու թարգմանչական աշխարհը, ինչպէս նաեւ մշակութային-հասարակական բեղուն գործունէութիւնը իրենց ուրոյն եւ կարեւոր դերն են խաղացել հայ իրականութեան մէջ եւ դասել են Յովհաննէս Աղպաշեանին հայ ազգի գլխատառով մտաւորականների շարքին: Յովհաննէս Աղպաշեան` մարդը, գրողը, թարգմանիչը, հրապարակագիրը, քաղաքական գործիչը, երգիծաբանը: Պարոյր Աղպաշեանի իւրայատուկ նուիրական ջանքերով կազմած այս ժողովածուն իրապէս բազմակողմանիօրէն բացում է ընթերցողի առջեւ մէկ մարդու մէջ միատեղուած հոգեմտային եւ ստեղծագործական այս հարստութիւնը: Ինչպէս գրել է Պարոյր Աղպաշեանը իր կազմած այս ժողովածուի սկզբում, այո՛, «այս հրատարակութեան ձեռնարկելով, գլխաւոր նպատակը եղած է Յովհաննէս Աղպաշեանի բազմաերանգ, բազմախօս ու բազմաբնոյթ մտաւորական ժառանգութենէն բերքահաւաք մը լոյսին բերել, նաեւ` վերարժեւորելու անոր դերակատարութիւնն ու ներգործութիւնը այդ մարզերէն, ապա` վերայիշատակագրելու անոր անունն ու վաստակը սփիւռքահայ իրականութեան մէջ»:

«Յովհաննէս Աղպաշեան» ժողովածուն բաղկացած է հիմնական 8 ստուար բաժիններից, որոնց խորագրերն արդէն իսկ բացառիկ ակնյայտութեամբ երեւան են բերում դրանցից իւրաքանչիւրի իմաստն ու բովանդակութիւնը: Եւ ապացուցում են բազմակողմանի ու խիստ արդիական` քաղաքական, ազգային, մարդկային գերխնդիրների հեղինակի վերլուծական բարձր ձիրքն ու անհատական նուիրումը: Ուշագրաւ են հետեւեալ բաժինները թէ՛ իրենց խորագրերով, թէ՛ բովանդակութեամբ: Ու նաեւ հեղինակի խոր անձնական կարծիք-վերլուծութեամբ, ինչին իւրաքանչիւր անձ ունի իր անհատական իրաւունքը, անկախ այն բանից, թէ ո՞վ է նրան համամիտ, եւ ով` ոչ…

«Սփիւռքեան հրատապութիւններ, հիմնախնդիրներ, հոլովոյթներ», «Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններ», «Գաղափարական-քաղաքական», «Միջին Արեւելքը լուսարձակի տակ` քաղաքական, պատմական, հայ-արաբական կապեր»: Այս բաժիններում ընթերցողի առջեւ կանգնում է պատմական-ազգային-քաղաքական-հասարակական լայնածաւալ ու շրջահայեաց գիտելիքներ ունեցող մտաւորականի կերպարը: Յայտնի է, որ Յովհաննէս Աղպաշեանը նաեւ հեղինակ է բազմաթիւ գրական գործերի, որոնց տարբեր սեռերի մէջ իւրայատուկ տեղ ունեն իր` այս անգամ Խիկար անուանումով երգիծական գրառումները: Ուշագրաւ է նրա մասին գրած Անդրանիկ Ծառուկեանի խօսքը. «Յովհաննէս Աղպաշեանը, վաստակաւոր եւ փորձառու հրապարակագիր, վերջերս յայտնուեցաւ նաեւ որպէս շնորհալի երգիծագիր` «Մեր խմբագիրները» գրքոյկով: Նոյն գիծն է որ կը շարունակէ այստեղ, երեւակայական «հանգստեան տունի» մը մէջ մէկտեղելով ազգային գործիչներու խումբ մը, իրենց տխուր վերջալոյսով, ու եթէ մեղմ ու բարի երգիծանքը յաճախ կը նահանջէ տեղ տալու համար թանձր թախիծին, պատճառը` հեղինակին շեղումը չէ նիւթէն, այլ ընդհակառակն` իրականութեան բռնակալ ճնշումը իր գրկին վրայ: Եւ արդէն, գրականութեան առողջ այս ըմբռնում է որ համակրելի կը մնայ Յ. Աղպաշեանի մօտ, իրապաշտութիւն մը` որ թերեւս յագեցած չըլլայ արուեստին շողշողուն փայլով ու շպարով, բայց որ ունի փոխարէն` կեանքին ջերմութիւնը, եւ անկեղծութեան դրոշմը, մէկ բառով իրաւը, պիտի ըսէր Օշական, իր ուսուցիչը»: Խոստովանենք անկեղծօրէն, որ բացառիկ է Անդրանիկ Ծառուկեանի այս բնութագրումը: Անշուշտ, հայ ընթերցասէրներին ծանօթ են բազմաթիւ հայ եւ օտարազգեայ գրողների երգիծական գործերը: Սակայն կարդալով այս ժողովածուում զետեղուած Խիկարի երգիծաբանութիւնները` ուղղուած թէ՛ մարդկային յարաբերութիւններին, թէ՛ կեանքի բազմաշերտ իրադարձութիւններին, թէ՛ յայտնի մտաւորականներին, գրողներին, եւ այլ ու այլ, ընթերցողը անվերապահօրէն կը նշմարի Խիկարի խիստ իւրօրինակ, ինքնատիպ, միաժամանակ, ե՛ւ ծիծաղ, ե՛ւ արցունք, եւ զուարճանք, ե՛ւ թախիծ պատճառող գրելաոճը: Կեանքի երեւոյթները բացառիկ ձեւով ներկայացնող գրելաոճ, որ գրաւիչ է ու յուզիչ իր միաժամանակ թէ՛ իրական եւ թէ՛ երեւակայական համադրութեամբ:

Պարոյր Աղպաշեանի կազմած իր անմոռաց հօր` Յովհաննէս Աղպաշեանի նորատիպ ժողովածուի մասին տակաւին շատ կարելի է խօսել: Սակայն արդարամտօրէն թողնենք մնացեալը ընթերցողներին, աւարտելով սոյն համեստ գրութիւնը ժամանակին գրուած Հայաստանի սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերի Կոմիտէի նախագահ Կարլեն Դալլաքեանի խօսքով. «Նշանաւոր մտաւորական էր Յովհաննէս Աղպաշեանը, որ երէց սերունդի մամուլի, մշակոյթի ու մտքի  փայլուն դէմքերից էր»:

… Լոյս յիշատակ նրան, յատուկ շնորհակալութիւն նրա որդուն Պարոյր Աղպաշեանին նման ժողովածու հրատարակելու համար եւ բարի վայելում դրա ընթերցողին:

Երեւան-Պէյրութ


Երթ` Ինքնութիւնը Կորսնցուցած Քաղաքներու Ընդմէջէն

$
0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մասամբ աւարտած ենք պատմական Վան քաղաքի հայ զբօսաշրջիկի համար յատուկ նշանակութիւն ունեցող վայրերու այցելութիւնը: Վանը Վասպուրական նահանգի միայն փոքրիկ մէկ հատուածն է եւ աւելին կը պահանջէ, շատ աւելի երկար օրեր, չըսելու համար` շաբաթներ, նոյնիսկ ամիսներ: Իսկ մենք մնացած հինգ օրերու ընթացքին նախատեսած ենք եւս ինը քաղաքներ այցելել: Այսպէս, Վանի պատմական բերդին մէջ ուրարտացի Արգիշտի թագաւորին դամբարանը այցելելէ ետք կ՛ուղղուինք դէպի Կարս:

Ճամբու տեւողութեամբ կը լսենք գիւմրեցի տիկին Շուշիկին երգը` «Ղարս, Ղարս, հայրենի հարս, ե՞րբ պիտի Հայաստան ետ վերադառնաս»: Երիտասարդ, բայց փորձառու վարորդին` Իպրահիմի եւ իր GPS գործիքին շնորհիւ` կէս գիշերը անց կը հասնինք մեր իջեւանը` «Կատարինէ» հիւրանոցը: Յաջորդ առաւօտ կանուխ հիւրանոց եկած է Անիի աւերակներու մերօրեայ կարեւորագոյն մասնագէտ Վետաթ Աքչաէօզը: Ան համեստաբար կը յայտնէ, որ ինք ո՛չ պատմաբան է, ո՛չ ալ հնագէտ: «Մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ եմ եւ ապրուստս կ՛ապահովեմ այդ ճամբով: Բայց Անին կախարդած է զիս, ամբողջ ժամանակս կը տրամադրեմ Անիի գաղտնիքները բացայայտելու», կը պատմէ Աքչաէօզը: Քանի մը ժամ ետք իր պատմածներուն կենդանի վկաները կը դառնանք նաեւ մենք: Հիացումով կը լսենք իր փոխանցած գիտելիքները: Իսկ ինք հիացումով կը փառաբանէ Հայաստանէն եկած ոմն քարտաշ Արայիկի արուեստը: Ափսոս, որ ան այս առաւօտ մեկնած է Հայաստան` քանի մը օր ետք վերադառնալու եւ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վերանորոգման իր գործը շարունակելու համար:

Աւարտելով Անիի բազմաթիւ ճարտարապետական կոթողներու շուրջ մեր այցելութիւնը` այս անգամ Վետաթ Աքչաէօզի ուղեւորութեամբ կը շրջինք մօտակայ գիւղին մէջ, ուր կան բազմաթիւ քարանձաւներ, որոնց մէջ մինչեւ քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ բնակութիւն ալ եղած է: Ահա այստեղ կը սկսին Անիի առասպելաբնոյթ գաղտնիքները: Անցքեր, որոնք ծառայած են իբրեւ թաքստոց, անցքեր, որոնք Ախուրեանի տակէն անցնելով` կը հասնին գետի հանդիպակաց ափ, այսօրուան Հայաստանի հողեր: Խորշեր, որոնք հին անցեալին գործածուած են իբրեւ գերեզման, իսկ աւելի վաղ տարիներուն` իբրեւ շտեմարան կամ մթերանոց: Մեր ուղեցոյցը քիչ առաջ Անիի աւերակներուն մօտ նշած էր վայրեր, որոնք անցեալին աշխատանոցներ եղած էին: Իսկ հիմա այս քարայրները, կը բացատրէր ան, իբրեւ այդ արհեստաւորներու բնակարանները: Ի զուր կը փորձենք պատկերացնել նախնեաց կենցաղը, չենք յաջողիր: Կը փորձենք վերյիշել Անիի ողբերգական պատմութիւնը, կը դժուարանանք իրարմէ զանազանել այն բազում բարբարոս արշաւանքները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հալածանքի նոր ալիք մը դարձաւ տեղացի խաղաղ բնակչութեան համար: Այդ բոլորէն կը ձեւաւորուին շիրազեան տողեր, որոնք Մաժակ Թոշիկեանի շնորհով կը դառնան մեղեդի եւ կը հնչեն մեր շուրթերէն. «Դեռ մի կարօտ ունեմ անյագ, հասնեմ Անի ու նոր մեռնեմ, բանամ հոգուս դռները փակ, տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ»: Անիի ողբը մեր մանկութեան տարիներէն դրոշմուած է մտքերու մէջ: Տակաւին մօր ծունկի տակ` թոթոված ենք` «Անի քաղաք նստեր կու լայ, չկայ ըսող` մի՛ լար, մի՛ լար» տողերը: Նոյնպէս` դրոշմուած է փլատակներու վրայ նստած ու մազերը ուսերէն վար թափած աղջկան կերպարը: Վերջապէս, հայ գաղթականութեան պատմութիւնը սկիզբ կ՛առնէ Անիի կործանումով: Այդ է պատճառը, որ մեր գրականութեան ու երգացանկին մէջ անհամար են Անիի կարօտակէզ պատումները: Ահա անոնցմէ մէկը եւս կը թափի մեր շրթներէն, այս անգամ` Գարիկ Բանդուրեանի խօսքերով եւ Ալեքսէյ Հեքիմեանի երաժշտութեամբ. «Ներիր, որ ուշ եմ այդքան մօտդ գալիս, ի՛մ Անի, թէկուզ ամէն օր էլ գամ, իմ կարօտը չեմ առնի: Թէ քեզ մտքիցս էլ հանեմ, ես իմ սրտից չեմ հանի, կեանքս մատաղ քեզ կ՛անեմ, միայն շնչես դու Անի»:

Իպրահիմ ղեկը ուղղած է դէպի Կարս: 40 քմ անցնելով` կը հասնինք քաղաք եւ կը շրջինք նախ շուկայի փողոցներուն մէջ, ապա` քաղաքի հին դիմագիծը պահող վայրերը: Կը համտեսենք Կարսի պանիրը: Հիացումով կը դիտենք ռուսաց տիրապետութեան օրերէն մնացած շէնքերը: Անոնց մէկ մասը մեծ խնամքով պահուած է ու հասած` մեր օրերը: Իսկ շատեր տարօրինակ գոյներով կերպընկալի, ալիւմինիոմի յաւելուած բաժիններով աղաւաղուած եւ աննշմարելի դարձած են: Դարձեալ գիշերուան ուշ ժամերուն է, որ կը հասնինք մեր իջեւանած «Կատարինէ» հիւրանոցը: Այստեղ` Կարսի մէջ Կատարինէ կարծես թէ ռուսականութիւնը բնորոշող յատուկ բառ մը դարձած է: Ամէն տեղ կարելի է հանդիպիլ այս անունին: Յաջորդ օրուան այցելութիւնը կը սկսի քաղաքի լաւ պահպանուած հայկական կառոյցով` Սրբոց Առաքելոց եկեղեցիով: Եկեղեցին ու շրջափակը մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն իրենց մաքրութեամբ ու խնամքով: Արդարեւ, յաջորդ օր, առաւօտեան ժամերուն, երբ կ՛այցելենք հայոց այս պատմական սրբավայրը, մեզ դիմաւորողները կ՛ըլլան երկու կիներ, որոնք աշխատանքի լծուած են եկեղեցւոյ շուրջբոլորը աւլելով: Իրականութեան մէջ պարզ է այս խնամքին տեղի տուող գործօնը` եկեղեցին դադրած է իր հիմնական առաքելութենէն ու վերածուած է մզկիթի: Չարիքի մէջ բարիք տեսնող մեր միամիտ մտքով կը մխիթարուինք` խորհելով, որ այս ալ բարեբախտութիւն է, եթէ մզկիթի վերածուած չըլլար, կը բաժնէր իր բազմաթիւ նմաններու ճակատագիրը` ախոռի կամ աղբանոցի վերածուելով:

Ժամանակը սուղ է, եւ պէտք է շարժիլ: Կը գոհանանք Կարսի թանգարան կարճատեւ այցելութեամբ մը եւ կ՛ուղղուինք դէպի Սարըղամըշ: Այս քաղաքը Թուրքիոյ Երրորդ բանակի կարեւոր զօրամասերէն մէկը կը պահէ իր մէջ: Ունի տխուր պատմութիւն մը: 1915-ին այստեղ սառելով մահացած են 90 հազար պատանի զինուորներէ բաղկացած զօրագունդ մը` զոհ երթալով անփորձ հրամանատարի մը` Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր մեղաւորներէն Էնվեր փաշայի կիրքերուն: Այդ անփորձ պատանիները ամառնային շորերով ղրկուած են ճակատ, որպէսզի վատահամբաւ Էնվերին շնորհեն հերոսի մետալ մը: Հետեւանքը սարսափելի եղած է, եւ այդ 90 հազար պատանիները, առանց մէկ հատ իսկ փամփուշտ արձակելու, սառելով` զոհուած են ձիւներու մէջ: «Իսկ Սարըղամըշ թրքաբնակ աւանը, բացի այս պատմութենէն, ի՞նչ ունի տեսարժան», որ կը հարցնենք տեղացիներուն, բոլորը միաբերան կը նշեն Կատարինէի դղեակը: Շուտով կը հասնինք այդ դղեակը: Ամայի, կիսաւեր ու փայտաշէն դղեակ մըն է մեզ դիմաւորողը: Շուտով կը յայտնուի երիտասարդ պահակ մը, որ բացատրութիւններ կու տայ շինութեան մասին: Ռուսաց Նիքոլայ ցարը իր որդւոյն` Ալեքսէյի ապաքինման համար կառուցած է այս դղեակը: Անշուշտ որ Կատարինէի հետ կապ մը չունի, բայց ժողովուրդը այդպէս կը կոչէ: Հիմա նախատեսուած է վերանորոգութիւն մը` մշակոյթի նախարարութեան կողմէ: Պահակը կը շարունակէ պատմել, որ դղեակը մինչեւ քանի մը տարի առաջ գործածուած էր զինուորներու կողմէ: «Այդ գործածութեան ընթացքին ահագին փոփոխութիւններ կատարուեցան սենեակներուն մէջ: Այդ փոփոխութիւնները անշուշտ որ վնասեցին շինութեան: Հիմա նախ շէնքը իր հին տեսքին պիտի բերուի, ու ապա դարձեալ եւ նոր փոփոխութիւններ պիտի կատարուին, քանի որ կը մտադրուի այստեղ հիւրանոց եւ ճաշասրահ սարքել»:

Այստեղ լոկ դղեակի մը օրինակով տեսնուածը իրականութեան մէջ, արդի Թուրքիոյ պայմաններուն, բարացուցական է պատմական հին քաղաքներու համար ալ: Պարզապէս պողոտայ մը լայնցնելու համար անխնայ կրնան զոհ երթալ տուեալ քաղաքին յատկանիշը հանդիսացող բազմաթիւ շէնքեր, շինութիւններ: Արդարեւ, այս բոլորին ականատես կ՛ըլլանք մեր ճամբու շարունակութեան:

Երբ Իպրահիմին կառքը կը սուրայ միջքաղաքային կպրուղիի վրայ, քաղաքները իրարու կը խառնուին: Եթէ քիչ առաջ Կարսի գաւառներն էին հիմա անցած ենք Կարինի տարածք, եւ մեր դիմացն են պատմական Խորասան ու ապա Խնուս քաղաքները: Այս քաղաքներուն մէջ ոչինչ կայ նշանակելու արժանի: Եթէ կայ, մարդն է միայն: Ահա պենզինի լիցակայանի մէջ մի ոմն օտարի հետ հայերէնով զրոյցի բռնուած է մեր խումբէն Էնեսէն: Հետաքրքրութեամբ կը մօտենանք իրենց, եւ կը պարզուի, որ Էնեսէին խօսակիցը համշէնցի մըն է: Լաւ է, որ մեր բարեկամուհին լաւ կը տիրապետէ հայերէնի այս պատմական բարբառին, եւ երկուքով կը փորձեն հասարակական բարեկամներ յայտնաբերել: Համշէնցիին գործընկերներն ալ զարմանքով կը շրջապատեն զիրենք եւ կ՛ուզեն իմանալ, թէ ինք ինչպէ՛ս կրնայ հաղորդակցիլ այս օտարներու հետ: Մեր մտքին մէջ կառչած հարցում կը մնայ, արդեօք համշէնցին ուրա՞խ է այս հանդիպումով:

Վարորդ Իպրահիմ մտահոգ էր ճամբու այս հատուածին մասին` «ԽնուսՎարդօ ճանապարհը խիստ ամայի է, եւ լաւ կ՛ըլլայ, որ օր ցերեկով անցնինք այդ հատուածը», կ՛ըսէ: Կը շտապենք մեր երթը` վարորդին մտավախութիւնը փարատելու համար: Կը յաջողինք լոյս աչքով այդ ճամբան անցնիլ: Ըստ ծրագրի, Վարդոյէն ետք պիտի հասնինք Պիթլիսի խաչմերուկը, ուրկէ պիտի թեքուինք Սասուն, որպէսզի գոնէ հեռուէն դիտենք Կոմքի վանքը եւ Մարութա սարը: Սակայն Պիթլիսի խաչմերուկին մինչեւ որ հասնինք, օրը սկսած էր մթնիլ, եւ մենք կը հրաժարինք Սասուն ուղղուելէ ու երթը կը շարունակենք դէպի Մուշ:

Մուշի մէջ դարձեալ մեզի համար հետաքրքրական է ո՛չ թէ քաղաքի պատմական եւ ճարտարապետական որեւէ գործ, այլ ինքը` մարդը: Արդարեւ, հիւրանոց իջնելէ հազիւ քանի մը վայրկեաններ անց` մեզ հետ ողջագուրուելու կու գան քաղաքի հայ հասարակութեան ներկայացուցիչները, «Տարօն» հայրենակցական միութեան անդամները: Միութեան ատենապետ Հայրէտտին Ասլան մեզ կը հրաւիրէ միութեան կեդրոն, որպէսզի աւելի ազատ զրուցենք: Կարօտով կը յիշատակուի «Ակօս»-ի հայերէն էջերու աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանը: Հայրէտտին Ասլան  եւ Իսմայիլ Ատանըր երանութեամբ յուշեր կը փոխանակեն իրարու հետ: Ապա կը պատմեն Համահայկական խաղերու իրենց մասնակցութիւնը` որպէս Տարօնի հայեր: «Մենք միայն ֆութպոլի մարզի մէջ մասնակցեցանք ողիմպիականներուն, պարտութիւններ կրեցինք, բայց շատ ոգեւորուած ետ դարձանք»: Ապա կը խօսինք միութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն մասին: «Ամենալուրջ խնդիրը հայերէնի դասընթացքներու կիսատ մնալն է», կը պատմէ Ասլան: Հակառակ անոր որ ունեցած են բաւականին հետաքրքիր հետեւողներ, սակայն դժուարացած են ուսուցիչի խնդիրը լուծելու: Այստեղ կը կատարուին կարծիքի փոխանակումներ, եւ մերոնք կը փորձեն ելք մը գտնել խնդիրը լուծելու համար: Հաղորդակցութեան տուեալներ կը փոխանակուին, եւ գիշերուան ուշ ժամուն այս հանդիպումէն ակամայ հրաժեշտ կ’առնենք իրարմէ:

Յաջորդ օր կարճատեւ շրջագայութիւն մը կը կատարենք Մուշի մէջ: Ահաւասիկ` քաղաք մը եւս, որ ոչինչ ունի ըսելու: Այն միակ վայրը, որ իբր թէ պիտի արժէր տեսնել, նախկին հայոց բնակած թաղն է, որ այսօր ԹՕՔԻ-ի շինութիւններով դարձած է անճանաչելի: Ուրեմն կը շարունակենք մեր երթը դէպի Տիգրանակերտ, ուրկէ պիտի անցնինք Տիարպեքիր: Այս երկու քաղաքները յաճախ կը շփոթուին իրարու հետ եւ շատ անգամ ո՛չ թէ սխալմամբ, այլ` գիտակցաբար: Արդարեւ, տեղւոյն հայութիւնը կը սիրէ Տիարպեքիրը վերագրել Մեծն Տիգրանի, բայց իրողութեան մէջ Տիգրանի կառուցած քաղաքը այժմու Սիլվանն է եւ 20 քմ հեռու է Տիարպեքիրէն:

Յաջորդ շաբաթ թէ՛ կանգ կ՛առնենք Տիգրանակերտի պարիսպներուն տակ եւ թէ՛ մեր երթը կը շարունակենք դէպի Տիարպեքիր, Մարտին եւ Եդեսիա:

pakrates@yahoo.com

 

Խմբագրական. Նախընտրական Խոհեր

$
0
0

Պետական բարձրագոյն օղակներու միջեւ լարուածութեան մեղմացման միտումներուն առընթեր, լիբանանեան քաղաքական դաշտը նախընտրական քարոզարշաւի մեկնարկային աշխուժ երեւոյթներ կը դրսեւորէ:

Քաղաքական ուժերու ընտրական դիրքորոշումներու եւ անհատ թեկնածուներու ինքնաառաջադրումներու մասին կատարուող յայտարարութիւնները ո՛չ միայն համարժէք, այլ նաեւ անկէ աւելին` մեկնաբանութիւններու եւ վերլուծութիւններու կ՛արժանանան:

Նկատելի է ընդհանուր միտում մը, որ խորհրդարանական այս ընտրութիւնները քարոզարշաւային նորարարութիւններով յագեցած պիտի ըլլան: Այս բոլորին հաւանաբար կը նպաստէ նաեւ նոր օրէնքին փոխանցած ոչ անպայման  արդիւնքներուն մեծաւ մասամբ կանխատեսելի ըլլալու հաւանականութիւնը:

Կարգախօսերու այլազանութիւն, ազգայինին ու քաղաքականին առընթեր քաղաքացիական բնոյթի շեշտակի յաւելումը, համակարգ փոխելու կոչերը` բովանդակային առումով նորարարութիւն բերելու ճիգեր կը մատնեն համակողմանիօրէն:

Ասոր զուգահեռ երեւութապէս նոյնքան կարեւորութիւն կը տրուի այդ բովանդակութիւնը հրամցնելու եղանակներուն: Այստեղ եւս կայ նորութիւն, եթէ արագօրէն նկատենք, որ դասական լրատուամիջոցներէն աւելի ինքնաառաջադրուող թեկնածուները նախ եւ առաջ ելեկտրոնային հարթութեան վրայ ընկերային ցանցերուն կը դիմեն իրենց ընտրական կարգախօսերուն ճանաչողականութիւնը ապահովելու համար: Առանց ուղղակի վերագրումներ կատարելու, ընդգծուող թեմաները, քաղաքացիական խնդիրներու վրայ դրուող շեշտադրումները անուղղակիօրէն կը փոխանցեն հինը, աւանդականը, զուտ քաղաքականը շրջելու կոչերը:

Այս մեթոտաբանութիւնը յատուկ չէ միայն Լիբանանին: Ականատես կ՛ըլլանք աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ ո՛չ միայն ընտրարշաւային թեմաներու կտրուկ փոփոխութիւններու, այլ նաեւ ընդհանրապէս ընկերային-քաղաքացիական շարժումներու ծաւալման ընթացքին օգտագործուող աշխարհաքաղաքացիական եզրաբանութեան, պահանջներու եւ կիրարկուած մեթոտներու:

Այս բոլորը մերժելի չեն անշուշտ. այս բոլորը տեղ մը համամարդկային արժէքներու պահպանման եւ զարգացման առաջադրանքներուն հետ կը համատեղուին եւ հետզհետէ կը ստանան աշխարհակարգային դրութիւններու բնութագրման ընթացքին արծարծուող թեմաներու տարողութիւն:

Ներկուսակցական միջավայրերու մէջ նման հարցերու, երեւոյթներու քննարկումի ընթացքին, մեր ուսանողութիւնն ու երիտասարդութիւնը ցուցաբերեցին բացառիկ հմտութիւնը այս բոլորը ճիշդ ներկայացնելու, հայկական ընտրազանգուածին վրայ անոնց թողած եւ թողելիք ազդեցութիւններու յարաբերակցութիւնները առարկայօրէն քննելու եւ համապատասխան նախնական եզրայանգումներ կատարելու առումներով: Համայնքին եւ լիբանանեան լսարաններու յղուելիք ընտրական ուղերձներու երանգային տարբերութիւնները,  հայկական եւ լիբանանեան թեմաներու տեղ-տեղ համադրաբար ներկայացումը, համայնքային իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրը եւ միաժամանակ զանոնք համալիբանանեան օրակարգերու տակ տեղադրելով ներկայացումը: Տակաւի՛ն. ներհամայնքային տարբեր ոլորտներու մէջ ներդրուած աննախադէպ օժանդակութիւնները, ազգային ինքնութիւնը պահելով լիբանանեան քաղաքացիութեան ամբողջական պարտաւորութիւնները կատարելու եւ այս փուլին զուտ ընտրական շարժառիթներէ մեկնած Դաշնակցութիւնը անուղղակիօրէն հարուածող թեմաներու քաղաքակիրթ արծարծումները դիմակայելու քարոզչաքաղաքական նախապատրաստութեան ընդգծումը` կազմեցին ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան հետ նախնական ընդհանուր խորհրդակցութեան օրակարգային կէտերը:

Այդ խորհրդակցութեան ընթացքին էր, որ բովանդակային հարցերու ճշդումին առընթեր ներկայացուեցան արհեստավարժ դրութեամբ մշակուած մեթոտներու, զանգուածներուն հասնելու, թիրախային լսարաններ նուաճելու եւ ընկերային ցանցերու վրայ դիտողականութեան մրցանիշեր ապահովելու, տեսանիւթերու շրջանառութեան նոր տարածքներ թեւակոխելու ամէնէն նորարար ոճերը:

Մեր առաջադրանքներու ներկայ միջոցներով զանգուածայնացման ռազմավարական ծրագիրի մը նախադրեալներու ներկայացումն էր, որ յամենայն դէպս համեմատաբար չափահաս տարիքի կուսակցականները համոզեց, որ մեր կուսակցութիւնը ունի երիտասարդ մարդուժի կարեւոր շտեմարան, որ քաղաքական աշխատանքներու կատարողականութեան համար կը տիրապետէ ժամանակակից մտածողութեան եւ արդի մեթոտաբանութեան: Ի տարբերութիւն` ընտրարշաւային նպատակով մինչ այժմ երեւցող եւ բովանդակութենէն առաջ միայն նորարար ձեւաբանութիւնը ընտրած դէպի խորհրդարան աճապարող անձնաւորութիւններու:

Իսկ դաշնակցական ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան այս պատրաստուածութիւնը բնականաբար չի վերաբերիր միայն ընտրական աշխատանքներուն: Դաշնակցութեան անոնց հրամցուցած ինքնակայացման առիթները կը յուշեն, որ մեր կուսակցութիւնը կը շարունակէ պահել ժամանակին հետ քայլ պահող եւ 127-ամեայ կազմակերպութիւնը միշտ երիտասարդ մարդուժով վերանորոգելու կարողականութիւնը:

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Փետրուար Ա. –Սոչին` Առաջին Քայլ

$
0
0

Սոչիի միջսուրիական ազգային բանակցութիւններու խորհրդաժողովը առաջինն էր իր տեսակին մէջ, առաջին քայլը, որ սուրիական ընկերութեան բազմաթիւ շերտեր մէկ յարկի տակ համախմբեց, իսկ յատկանշականը այն էր, որ բոլոր շերտերը շեշտը դրին յատկապէս հետեւեալ առաջադրանքին վրայ. «Սուրիական տագնապի լուծումին եզրերը սուրիացի ժողովո՛ւրդը պիտի ճշդէ»:

Խորհրդաժողովի առաջին օրուան լարուածութիւնը որպէս բնական երեւոյթ պէտք է դիտել, եթէ նկատի ունենանք եօթը տարիներու  թափուած արիւնը, տագնապը սրելու կոչուած արտաքին միջամտութիւնները, երկխօսութիւնն ու բանակցութիւնը խանգարելու միտող կողմերուն քաղաքական օրակարգը, բայց մանաւանդ` այն տառապանքը, զոր կրեց ժողովուրդ մը ամբողջ` իր բոլոր շերտերով:

Դրականը այն էր սակայն, որ խորհրդաժողովը, հակառակ այս բոլորին, ընթացք առաւ ու եզրայանգումներու հասաւ, որովհետեւ մասնակիցները հաշտութիւն կնքելու եւ Սուրիան նոր որակի առաջնորդելու կամեցողութեամբ համախմբուած էին, իսկ ժողովի դիւանին ու յառաջացած յանձնախումբերուն մէջ ներառուած էին կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ:

Որոշ կողմերու բացակայութիւնը կը խօսէր տագնապի ցարդ անլուծելի կարգ մը թնճուկներուն մասին, որոնք, սակայն, առաջին այս դրական քայլէն ետք, իրենց կարգին դէպի հանգուցալուծում պիտի առաջնորդուին, պէ՛տք է առաջնորդուին, այլապէս պիտի զրկուին պիտի մնան տագնապի լուծման փուլերուն մաս կազմելէ:

Սոչիի մէջ 1511 սուրիացիներ իրենց երկիրը խաղաղութեան ու զարթօնքի առաջնորդելու գիտակցութեամբ համախմբուած էին: Պէտք է արձանագրել նաեւ, որ խորհրդաժողովը հովանաւորող Ռուսիան ամէն ջանք ի գործ դրած էր լարուածութիւնները մեղմացնելու եւ սուրիական տագնապի քաղաքական լուծումին առաջնորդող առաջին այս լուրջ քայլը յաջողութեամբ պսակելու համար:

Հիմնական արդիւնքը ներկայ սահմանադրութեան քննարկումին համար յառաջացած յանձնախումբի կազմութիւնն էր, որուն մաս կազմեցին 150 սուրիացիներ (ընդդիմադիր եւ կառավարութեան համախոհ տարրերէ), երեւոյթ մը, որ աննախադէպ էր այս ոլորտին մէջ: Անոնք յառաջիկայ օրերուն միասնաբար պիտի ուրուագծեն Սուրիոյ ժողովուրդին քաղաքական տեսլականը` հիմնուելով 2012-ին մշակուած սուրիական սահմանադրութեան վրայ, այսպիսով, զերծ պահելով սահմանադրական փոփոխութիւններու գործընթացը արտաքին միջամտութիւններէ:

Անգարա, որ շրջանցելով Ասթանայի որոշումները` զինուորական գործողութիւններու ձեռնարկած է սուրիական տարածքներուն ուղղութեամբ, ժողովը խանգարելու իր նկրտումները չէր ծածկած, հաւանաբար փորձելով ճնշում բանեցնել Իրանի եւ Ռուսիոյ վրայ` Աֆրինի մէջ առանց նկատառելի յառաջընթաց մը արձանագրող իր գործողութիւններուն համար օգնութիւն աղերսելու ակնկալութեամբ:

Սոչիի խորհրդաժողովով, սակայն, գրեթէ զերոյի հաւասարեցաւ Սուրիոյ դէմ զինուորական յարձակումներու ծրագրաւորումով գետնի վրայ փոփոխութիւններ յառաջացնելու եւ տագնապին լուծումը արտաքին օրակարգերու ծառայեցնելու հաւանականութիւնը:

Սուրիական տագնապի լուծման միակ գրաւականը կը մնայ նոյնինքն Սուրիոյ ժողովուրդը, եթէ առաւելագոյն ճիգով մը ան կարենայ ամրագրել իր շերտերուն իրաւունքները պաշտպանող ու երկիրը առաւել ժողովրդավար դարձնող սահմանադրութիւն մը:

Սահմանադրութեան մէջ կատարուելիք գրաւոր փոփոխութիւններէն անդին, սակայն, ժողովուրդը ի՛նք է որ կեանքի պիտի կոչէ սահմանադրութեան ոգին` իր աշխատանքով, նոր Սուրիա մը կերտելու իր տեսլականով, իր միտքով եւ հոգեփոխութեամբ:

Ողջունելի էր տասնեակ մը սուրիահայերու մասնակցութիւնը Սոչիի ժողովին` որպէս Սուրիոյ ապագայով մտահոգ քաղաքացիներ: Բնականաբար սուրիահայութեան ակնկալութիւնը իր իրաւունքներն ու երկրի յառաջընթացին վերաբերող իր տեսլականը պահպանուած տեսնելը պիտի ըլլայ նոր սահմանադրութեան մէջ: Յատկապէս` յետպատերազմեան այս կացութեան մէջ:

«Գ.»

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց` Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Բ.)

$
0
0

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ.- Նախ շնորհակալ եմ ձեր ընդառաջումին ու պատասխաններուն համար, որովհետեւ զրուցելը շատ մը իմաստներով անկարելի դարձած ու դարձուած է հայկական մակարդակի վրայ քիչ մը ամէն տեղ: Իւրաքանչիւր կողմ իր ճշմարտութեան մէջ առանձնացած ու ընկղմած է, եւ փոխանակումի կարելիութենէն անկախ` այդ փոխանակութեան անհրաժեշտութիւնը չի տեսնուիր: Եթէ կը սխալիմ, կրնաք սրբագրել: Բնականաբար չեմ ակնարկեր մակերեսային հանդիպումներու, որոնք բազմաթիւ են:

Սկիզբէն շեշտելով, հաստատելու ենք, կրկնութեան գնով, որ դժուար է խօսիլ կամ գրել այս բոլոր նիւթերուն մասին. շա՛տ դժուար: Սակայն բոլոր անկարողութիւններէն անդին` անհրաժեշտութիւն մըն է անիկա: Մենք խօսքէն աւելի «գործ»-ին հաւատացող ընկերութիւն մըն ենք: «Գործնական»-ը մեզ այնքան կլանած է, որ մեր մշակութային, «խօսքի ու գիրի» (որոնք «գործ» չեն, ըստ երեւոյթին) բազմատեսակ արխիւներն ու արխիւացումները արհամարհանքի ու անտեսումի կ’արժանանան, լաւագոյն պարագային: Փաստերը շատ են: Կրնաք ըսել` այս չէ հիմա մեր նիւթը: Ճիշդ է, սակայն բացուած զրոյցը կրնայ զարգանալ, պէտք է որ զարգանայ, որպէսզի գէթ փորձենք տեսնել, թէ պատերազմ դիմակայելու մեր միջոցներն ու կարողութիւնը ի՛նչ բնոյթ ունին, թէ` անոնք ի՛նչ կապ ունին մեր այսօրուան սովորական առօրեան ապրելու չոր իրականութեան հետ:

Ձեր գրածներուն մէջ կան շատ կարեւոր մանրամասնութիւններ: Կ’առանձնացնեմ հիմա անոնցմէ այս մէկը` աւելի ուշ անցնելու համար միւսներուն:

Դրսեցին չի տեսներ ներսը կատարուածը: Ասիկա առած ըլլալու չափ ճիշդ է: Առածները արդէն փորձառութեամբ hասունցած են: Դուրսինները տեղեակ չեն ըլլար կարգ մը կարեւոր մանրամասնութիւններու, կ’ըսէք, եւ սա յստակ է:

Ընդունելով որոշ չափով այս ըսուածը իբրեւ իրականութիւն` պէտք չէ մոռնալ, որ ներսիններն ալ կրնան չունենալ, մի՛ զարմանաք, այն ճշգրիտ տեղեկութիւնները, որոնք դուրսինները ունին, երբե՛մն, տարբեր աղբիւրներու միջոցով: Մանաւանդ` համացանցի այս դարուս, որ հայկական կեանքի մէջ յեղաշրջում յառաջացուցած է դրական ու ժխտական իմաստներով:

Կարգ մը տեղեկութիւններուն ապատեղեկատուութիւն ըլլալը` այլ հարց: Հոս խօսքս զուտ ու հում տեղեկութեան մասին է, անոր կարելիութեան, ոչ` սուտի կամ փրոփականտի: Կրնամ վստահեցնել ձեզ, որ ներսինը չունի միշտ «բոլոր» տեղեկութիւնները` զուտ տեղեկութեան հասնելու միջոցներուն սահմանափակութեան կամ ընդհատումին պատճառով, երբե՛մն: Ճիշդ հոս է, որ կրնայ, կրնար դուրսինը ներսինին օգտակար դառնալ` երբեմն միայն պարզապէս տեղեկութիւն փոխանցելով, հաղորդակցական միջոցներու բնական բանեցման պարագային հարկաւ: Ասիկա ընդունեցէք, խնդրեմ, լոկ իբրեւ աննշան գաղափար մը: Կրնայ երկրորդական ու ընդհանրապէս անկարեւոր, արտասովոր, գռեհիկ, նոյնիսկ անիմաստ նկատուիլ ներսինին համար: Իսկապէս ալ տեղեկութեան մը պակասը կրակիս ուժգնութիւնը չէ, որ պիտի նուազեցնէ, պիտի ըսէք իրաւամբ: Մէկ տեղեկութիւն աւելի, մէկ պակաս` ինչի՞ մասին է խօսքը: Հոս անցում մը կ’ուզեմ կատարել. «տեղեկութիւն» բառը, «տեղեակ ըլլալը» առէք, խնդրեմ, իր ամէն կարելի ու հեռահաս իմաստներով: Իրարմէ տեղեակ ըլլալու հարցը համացանցային այս դարուն ու սփիւռքեան մեր ցանցակերպ գոյութեան համար հիմնական անհրաժեշտութիւն է:

Մեր ազգային, եկեղեցական, քաղաքական պատասխանատուները ունին իրենց մօտեցումներն ու լծակները, ներս-դուրս կապերը, մարտահրաւէր դիմագրաւելու իրենց ձեւերը, ու անոնք ըրին, ինչ որ ըրին կամ կրցան ընել: Մեզի` հասարակ մահկանացուներուս կը մնայ լաւագոյն պարագային լռել ու ականատես ու ականջալուր վկան դառնալ կատարուածին: Այս զրոյցը, սակայն, կը փափաքի այդ սահմանէն անդին անցնիլ, այլապէս ան ամբողջովին աւելորդ է:

Իմ մօտեցումս, որ այս զրոյցին ալ հիմք կը կազմէ, այն է, որ եղելութիւններուն դուրսէն մասնակից դառնալը, որքան ալ անկարելի թուի ան, ոչ թէ ազգային «պարտք» է կամ ճառի նիւթ, այլ` հայկական ինքնութեան հետ սերտօրէն առնչուած գործելաձեւ: Նոյն բանն է, երբ իբրեւ սփիւռքահայ կը «հետաքրքրուինք» Հայաստանի Հանրապետութեամբ եւ դուրսէն ու հեռուէն կը «մասնակցինք» անոր կեանքին, իւրաքանչիւրը` իր հասկցած ձեւով: Հոն չենք, ներսը չենք, սակայն միաժամանակ կրաւորական դիտորդ ալ չենք, «տագնապ կը կիսենք»: Կը ներէք, որ այս չակերտներէն չեմ կրնար հրաժարիլ, որովհետեւ արձանագրուած իմաստին մէջ հարկ է մտածել կարելի այլ իմաստներ: Կ’ուզեմ յստակօրէն ըսել, որ Սուրիոյ պատերազմը մեր ինքնութեան հարցերը ջուրի երես կը հանէ շատ մը ձեւերով: Եւ մեր ինքնութեան հարցերը միշտ կապ ունին ներսի եւ դուրսի, ներսեցիի ու դրսեցիի, անոնց մօտեցումներուն, փորձառութիւններուն փոխանակութեան հետ:

Ներսն ու դուրսը ունենալով իրենց տարբերութիւնները` հաւասարութիւն կը կազմեն, հաւասար կողմերէ իրարու հետ յարաբերելու կոչուած են: Շատ լաւ կը յիշեմ, շուրջ տասնամեակ մը առաջ, Ժընեւի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնին մէջ օտար աստուածաբան մը Հայաստանէն ժամանած եկեղեցական բարձր պատուիրակութեան դառնալով` հարցուց ճիշդ այս բառերով. «Դուք հսկայ սփիւռք ունիք: Ինչո՞ւ չէք օգտուիր անոր փորձառութենէն»: Հարցումը կը վերաբերէր դրսեցիի փորձառութեան: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս նոյն առարկան մօտէն ու հեռուէն դիտելով` «տարբեր» կը տեսնենք նոյնը, այնպէս ալ ներսն ու դուրսը իրարու պէտք ունին` կարելի եղածին չափ ամբողջական պատկերի մը հասնելու համար երկուստեք, աւելի՛ն, այդ պատկերը միասնաբար կազմելու ու կազմակերպելու ի խնդիր:

Բոլորս ալ գիտենք, որ պատերազմն ու քաոսը ոչ մէկ պայման կը յարգեն, «օրէնքներ» չունին: Բայց մենք այդ հարցը առ այժմ մէկդի դրած պիտի ըլլանք, այլապէս զրոյցը ընդհանրապէս անիմաստ կ’ըլլայ:

Ներսը ամբողջովին փակ տարածք չէ, դուրսն ալ ամբողջովին բաց տարածք չէ: Կը խնդրեմ, որ առողջ փոխանակումը այս երկուքին միջեւ իբրեւ պահանջ կամ սպասում չհասկցուի, այլ` բնականոն հոլովոյթ, այս պարագային` անբնական պայմաններու մէջ: Անբնականին մէջ բնական գործելու ու փոխանակութիւն կատարելու պատմական փորձառութիւն գոյութիւն ունի, ոչ միայն մեր ժողովուրդին համար: Ներսը դուրսին ծառայեցնելը կամ դուրսը ներսին ծառայեցնելը փոխանակումի հիմք չի կրնար դառնալ:

Դուք, ձեր իսկ փորձառութենէն մեկնած, ինչպէ՞ս կը գնահատէք վերջին տարիներուն ներսի եւ դուրսի միջեւ կատարուած փոխանակութիւնը, անոր առողջութիւնն ու թերիները, գոնէ` անոր քանի մը երեսները: Ակնարկներ ըրած էք վերը, ձեր պատասխանին մէջ: Կրնա՞ք մանրամասնել: Ոչինչ բաւարար ու գոհացուցիչ կրնայ ըլլալ կրակին մէջ գտնուողին համար: Գտնուողի՞ն. այրողի՛ն համար:

27 յունիս 2017

 

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.- Խնդրեմ. ես ալ շնորհակալ եմ, որ զրոյցի այս առիթը ստեղծեցիք  ու նման կարեւոր հարցեր կ՛արծարծէք: Զրուցելը շատ կարեւոր է զիրար լաւ հասկնալու, մեր դիմագրաւած հարցերուն խորքը թափանցելու, մէկս միւսին փորձառութենէն, մտքերէն օգտուելու համար: Կը խորհիմ, որ զրուցելը հայկական մակարդակի վրայ ոչ թէ անկարելի դարձած կամ դարձուած է, այլ` մակերեսային: Մակերեսային զրոյցին պատճառով ալ երբեմն փոխանակութիւնը դարձած է սահմանափակ, իսկ հանդիպումները` նոյնքան ձեւական:

Ներսն ու դուրսը զիրար կ՛ամբողջացնեն, անջատ գոյութիւններ չեն, անոր համար ալ իւրաքանչիւր կողմ, եթէ ընկղմի իր ճշմարտութեան մէջ, չի կրնար երկար գոյատեւել:

Մեր ժողովուրդին պարագային, ներսի ու դուրսի անքակտելի կապը, իրարու միջեւ փոխանակումը կը նպաստեն մեր ինքնութեան պահպանման գործընթացին, աւելի կ՛ամրացնեն մեզ` ներս թէ դուրս: Այս մէկը իրականացած տեսնելու համար անհրաժեշտ է փոխանակումը: Փոխանակումը` փորձառութեան, փոխանակումը` տեղեկութեան, փոխանակումը` մտքի, կարծիքի: Ներս ու դուրս հասկացողութիւնը պէտք է դիտել որպէս հարստութիւն նաեւ, որմէ կարելի է առաւելագոյն չափով օգտուիլ:

Պատերազմի մէջ փոխանակումը միայն նիւթական եւ մարդասիրական օժանդակութիւններով պէտք չէր սահմանափակուեր: Պաշտօնական կողմերը ըրին այդ բոլորը, ինչ խօսք, քիչ վերջ օրինակներով կը յիշեմ: Մենք կարիք ունէինք միտքերու, գործելաձեւերու փոխանակումի` հայկական մեր ինքնութեան պատկերը յստակացնելու, պարզելու, թէ սուրիահայութեան օգնելով, անոր գոյութիւնը պահպանելով` մեր ինքնութեան պահպանման նպաստած կ’ըլլանք նաեւ, որովհետեւ Սուրիոյ հայութիւնը կարեւոր բաղադրիչ մըն է հայկական իրականութեան մէջ, ոչ թէ` ինքնանպատակ գործող հաւաքականութիւն մը:

Առողջ փոխանակումի շարք մը երեւոյթներ նպաստեցին պատերազմ դիմակայող սուրիահայութեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի կեդրոնական մարմինին կազմութիւնը, Սուրիոյ հայ համայնքի բոլոր բաղադրիչներուն մասնակցութեամբ, Սուրիոյ հայաբնակ քաղաքներուն մէջ իր գործադիր մարմիններով, օրինակ, տառապեալ ժողովուրդի օժանդակութեան կազմակերպուած ընթացք տալուն նպաստեց: Ասիկա փորձառութեան փոխանակում մըն էր, որ արագ ձեւ ու մարմին ստացաւ եւ գործի վերածուեցաւ: Ազգային եւ համայնքային պատասխանատուներու յաճախակի այցելութիւնները հայրենիք եւ սփիւռքի զանազան ոստաններ, այնտեղ անոնց ժողովրդային հանդիպումները նպաստեցին ներսի իրավիճակը ճշգրիտ ներկայացնելու, տեղեկութիւններ տալու եւ առնելու կարեւոր գործին` պատերազմին մէջ ապրողն ու դուրսէն հետեւողը մերձեցնելու, ամբողջական պատկերը յստակ դարձնելու համար: Նոյն այդ յստակացումին կը ծառայէր հայկական լրատուամիջոցներու հետ ամէնօրեայ մեր կապը: Եղան շրջաններ, երբ համացանցի չգոյութեան պատճառով մեր գործընկերները օգնութեան փութացին եւ կարեւոր տեղեկութիւնները տալ ու ստանալ, ճշդումներ կատարել սկսանք հեռաձայնով ու այդ օրերու տեղեկատուական փոխանակումի բացը Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր գործընկերներուն գործակցութեամբ գոցեցինք:

Համահայկական հանգանակութիւններն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջոցով անոնց փոխանցումը Սուրիա` նպաստեց սուրիահայութեան շարք մը դժուարութիւններու յաղթահարման, նիւթական դժուարութիւններու պատճառով հայ դպրոցը իր դռները չփակեց, բաց մնաց:

ՀՀ ներկայութիւնը, որպէս հայրենիքի, տագնապին մէջ դրական իր դերը ունեցաւ: Հալէպի մէջ ՀՀ հիւպատոսութիւնը դիւանագիտական միակ գրասենեակն էր, որ շարունակեց իր գործունէութիւնն ու ծառայեց այդ փոխանակումին: Աւելի քան 12.000 սուրիահայեր այսօր հաստատուած են Հայաստան ու, երկրի վարչապետին իսկ խօսքով, աշխատանքի նոր մշակոյթ ներմուծած են երկիր: Ինչ խօսք, որ անոնք հայրենիքի մէջ ալ կը դիմագրաւեն դժուարութիւններ, երբեմն հայրենիքը միայն հանգրուան համարելով` կ՛ուղղուին արեւմտեան ափեր: Ասիկա այլ խնդիր է, որ ունի իր պատճառներն ու լուծումի կարօտ հարցերը:

Իրաւացի էք, մենք գործին հաւատացող ժողովուրդ ենք, մանաւանդ` պատերազմական իրավիճակներու մէջ, սակայն «խօսքի ու գիրի», մշակութային արժէքներու դերին ապաւինիլը եւս կը նպաստէ պատերազմը դիմակայելու մեր մաքառումին: Այս գիտակցութեամբ է, որ պատերազմական առօրեային մէջ շարունակուեցան մշակութային զանազան ձեռնարկները, թերթի, գիրքի հրատարակութիւնը: Պատերազմ դիմակայելու մեր միջոցներէն մէկն ալ արխիւացումի աշխատանքն է, որ եթէ ցարդ կ՛ընթանար դանդաղ կշռոյթով,  պատերազմէն ետք պէտք է մասնագիտական ամենաբարձր մակարդակով կատարուի, եւ «խօսքն ու գիրը» վերածուին գործի, որովհետեւ խօսքէն աւելի՛ կազմակերպուած գործ կրնայ ծնիլ:

Սուրիական տագնապին ընթացքին ամէնէն կարեւոր հարցը ներսինին անվտանգութեան երաշխաւորումն էր, սակայն պատերազմին մէջ ո՞վ կրնար երաշխաւորել սուրիահայութեան անվտանգութիւնը… ո՛չ ոք: Սուրիոյ ողջ ժողովուրդը այդ կրակին մէջ կ’այրէր: Սակայն կարելի էր անոր ձայնը բարձրացնել, դիւանագիտական, քարոզչական բոլոր լծակներու օգտագործումով նպաստել, որ պատերազմի հրահրումը վերջ գտնէ, ներկայացնել մարդկային ողբերգութիւնը, փոքրամասնութիւններու տառապանքը  եւ այլն:

Այս իմաստով, սուրիական տագնապին առնչուող ներսի եւ դուրսի տեղեկութիւններու համադրումը, հայկական բոլոր կողմերուն նոյնանման առողջ դիրքորոշումներով հանդէս գալը, նոյն լեզուով խօսիլը դրական էին, պաշտօնական մակարդակի վրայ ՀՀ-ը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Հայ դատի գրասենեակները, համահայկական կառոյցները իրենց կարելին ըրին` դիւանագիտական լծակներու օգտագործումով, միջազգային բեմերէ հանդէս գալով:

Ձեր հարցումին պատասխանելով` մանրամասնեմ Քեսապի օրինակը: Ներսէն տեղեկութիւններու ճշդումը, Քեսապի ժողովուրդին տեղահանութիւնն ու տեղեկութիւններու հոսքը, այս առումով, դուրսէն հայկական կողմին դիւանագիտական աշխատանքը, սփիւռքի քարոզչական հսկայ արշաւը, Հայ դատի յանձնախումբերու այցելութիւններն ու նամակները` ուղղուած միջազգային մարմիններուն, ՀՀ նախագահի եւ Սուրիոյ նախագահի անմիջական կապերը Քեսապի գրաւման ժամանակաշրջանին` դրական ազդեցութիւն ունեցան, հարցին դրական լուծման նպաստեցին:

Փոխանակման գործընթացին մէջ հիմնական թերին ոչ պաշտօնական կարգ մը կողմերուն գաղութին գոյերթը կասկածի տակ դնող մտայնութիւնն էր, ասոր կողքին, դուրս գալու պարտադրանքին տակ գտնուողներուն ուղին յստակացնելու եւ զանոնք Հայաստան ուղղելու համահայկական կամքի բացակայութիւնը: Մարդոց, բնականաբար, չենք կրնար պարտադրել, որ հայրենիք ուղղուին սոսկ հայրենասիրական զգացումներէ թելադրուած, այդ ուղին պէտք էր հարթ դարձնէինք, որպէսզի համոզուէին ու իրենք ընտրէին զայն: Միայն այս պարագային կարելի կ՛ըլլար սուրիահայութեան նկատառելի մէկ տոկոսին օտար ափեր ցրուումը կանխել:

Այլ թերութիւն մըն ալ սուրիահայութիւնը տեղէ տեղ փոխադրելու նպատակով ոչ պաշտօնական կողմերէ արտայայտուած կարծիքներն էին (այստեղ չեմ ակնարկեր անշուշտ հայրենադարձութիւն հասկացողութեան): Զանգուած մը տեղէ մը հանելով ու այլ տեղ փոխադրելով` անոր հարցերը լուծած չենք ըլլար: Մանաւանդ եթէ ան իր ապրած միջավայրին աղերսուած է պատմական կապերով ու իր ինքնութեան պահպանման համար յարմար միջավայր ստեղծած է այնտեղ: Հալէպահայութիւնը կամազուրկ զանգուած մը չէ, որ զայն տեղէ մը այլ տեղ փոխադրելով` անոր հարցերը լուծուած համարենք: Ընդհակառա՛կը, առողջ կարծիքներու, անկեղծ ճիգերու փոխանակումով կարելի պիտի ըլլար անոր հարցերուն լուծման օգտակար դառնալ, ու սա համահայկական խնդիր էր:

Ձեր պատասխանին մէջ կը յայտնէք «տագնապը կիսել»-ու կարեւորութիւնը: Այստեղ նախ կ՛ուզեմ հարցնել, թէ ինչո՞ւ այս նախադասութիւնը չակերտած էք:

Իսկ դուք, որպէս Գերմանիա ապրող մտաւորական, փոխանակումի հոլովոյթին մէջ օգտագործելի ինչպիսի՞ կարելիութիւններ կը տեսնէիք դուրսի եւ ներսի, այս պարագային` սուրիահայութեան միջեւ: Կարելիութիւններ, զորս չենք կրցած օգտագործել: Մանաւանդ որ դուք ապրած էք լիբանանեան պատերազմի դառնութիւնը  ու տեղեակ էք պատերազմին մէջ այրողին դժուարութիւններուն:

(Շար. 2)

Ցեղասպանութեան Թանգարանին Նուիրուած Է Եզակի Արխիւ Մը

$
0
0

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ջանքերուն շնորհիւ` Հայաստան տեղափոխուած եւ թանգարանին նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ամերիկաբնակ հայ գերդաստանի մը ընտանեկան արխիւը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն:

Ամերիկաբնակ Սուսան Սոլաքեանը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնած է իր մեծ ընտանիքին մեծ պատմութիւնը` յուշագրութիւններ, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ: Ան վստահ է, որ իրենց ընտանեկան մասունքները յայտնուած են հոգատար ձեռքերու մէջ, իսկ նպատակն է` սերունդներուն փոխանցել ամէնէն կարեւորը` յիշողութիւնը:

Ծնունդով Մեզրէէն (Խարբերդի նահանգ)` Թովմաս եւ Եսթեր Մկրտիչեաններու ընտանեկան աւելի քան մէկ դարու պատմութիւնը, իրենց պատմական հայրենիքէն բռնագաղթուելէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակութիւն հաստատելը, հարուստ է պատմագրական ճշգրիտ տեղեկութիւններով, ինչպէս նաեւ` պարզապէս մարդկային կորուստի ծանրագոյն դրսեւորումներով:

Ընտանեկան արխիւային նիւթերը կարեւոր սկզբնաղբիւր են Խարբերդի հայերու տեղահանութեան, կոտորածներու` մասնաւորապէս գերմանացի պաշտօնեաներու` թուրքերու մեղսակիցը եւ աջակիցը ըլլալու, հայ մտաւորականութեան դաժան սպանութեան, կիրարկուած բռնութեան, ինչպէս նաեւ` գաղթականներու դրութեան մասին:

Հաղորդենք, որ նիւթերը մանրամասնօրէն պիտի ուսումնասիրուին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատողներուն կողմէ եւ պիտի ներկայացուին հանրութեան:

Շատ Խօսողը Կը Սխալի

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ժըպրան Պասիլի արձանագրուած ելոյթը անցնող օրերուն երկիրը տակնուվրայ ըրաւ:

Քաղաքական կեանքին մէջ դարձեալ հաստատուեցաւ այն իրականութիւնը, որ շատ ելոյթներ ունենալը, անհաշիւ խօսքեր նետելը, միտքերը կրկնելը եւ մանաւանդ պէտք եղածն ու չեղածը ամէն տեղ խօսիլը քաղաքական տհասութիւն է:

Գրագէտ քաղաքական գործիչը քիչ խօսելով շատ կը գործէ: Երբեք պէտք չէ մտահոգուիլ, որ եթէ չխօսիս, լուսարձակներէ հեռու կը մնաս: Մարդիկ կը մոռնան քեզ: Գործդ, միայն իմաստուն գործդ կը փաստեն քու արժէքդ: Մնացածը պղպջակներ են, որ կը խօսիս. այդ վայրկեանին հաճելի կ՛երեւիս, բայց յետոյ մեծ վնաս կը կրես:

Ընկերային ցանցերու ժամանակաշրջանին շատ աւելի զգուշ, լուրջ եւ զուսպ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը կը շեշտուի:

Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու սեմին իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչ, կուսակցական ղեկավար, հանրային գործերու պատասխանատու երկրի կայունութեան եւ համերաշխութեան համար պէտք է զգուշ ըլլայ իր ելոյթներէն:

Ոչ ոք կ՛ուզէ իրարանցումը: Ներքին եւ արտաքին իմաստներով զսպուածութիւնը եւ միասնակամութիւնը անառարկելի են: Փաստը վարչապետ Հարիրիի հրաժարականին ժամանակ կեցուածքներու դրսեւորումն է:

Այսօր ոչ ոք կը շահի տակնուվրայ կացութենէն:

Երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան: Այս հեռանկարով իւրաքանչիւր քաղաքական հոսանք իր քայլերը պէտք է առնէ: Զգացական, մակերեսային, հաճելի թուող ելոյթները ժողովրդականութիւն ունենալու հեռանկարով քայլեր են, որոնք փորձուած են ասկէ առաջ, եւ անոնց արդիւնքները բոլորս ալ գիտենք:

Եզրակացութիւն:

Քիչ խօսիլը, զուսպ խօսիլը, նոյնիսկ լուռ մնալը այս օրերուն աւելի հեղինակութիւն կը ստեղծէ, քան ամէն առիթով բան մը ըսելու հրմշտուքին մէջ մտնելը:

 

 

Հրաշափառ Յարութիւն

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՊԱՀԼԱՒՈՒՆԻ

Տօնում ենք վաթսունամեակը` Հայաստանի հրաշափառ յարութեան: Տօնում ենք հայ ժողովրդի ազատութեան ու անկախութեան օրուայ տարեդարձը. ազատութիւն եւ անկախութիւն, որոնք դարբնուեցին Սարդարապատով, Բաշ Ապարանով ու Ղարաքիլիսէով, ծնունդ առան հայոց Ազգային խորհրդի յայտարարութեամբ եւ մարմին ստացան Հայաստանի Հանրապետութեամբ:

Եւ այս նուաճումները, որոնք իրաւունքն ու հիմնական պահանջն են իւրաքանչիւր ժողովրդի ու ազգութեան, հայ ժողովուրդը ձեռք բերեց ի գին ամէնից դաժան նահատակութեան:

1918-ի մայիս 28-ի հրաշքը ընդհանուր թշնամու դէմ հայ ժողովրդի բոլոր զանգուածների միասնական կամքի, ազգային գոյատեւման հաւաքական ու միահամուռ արտայայտութեան մէջ է կայանում, որ այդ ըմբռնումով օրհասական գուպարի ու գոյամարտի մէջ նետեց բոլորին անխտիր` արեւելահայ թէ արեւմտահայ, զինուոր թէ քաղաքացի, երիտասարդ թէ ծերունի, կին թէ երեխայ, բոլորին անխտի՛ր, առանց սեռի, դաւանանքի ու գաղափարաբանական խտրութեան:

Եւ ալեհեր Արարատի հովանու ներքոյ հայկական դիւցազնադաշտերի վերածուեցին` Բաշ Ապարանը, Ղարաքիլիսէն ու Սարդարապատը, ուր ընկած հերոսներին մենք պարտական ենք` ի՛նչ որ ձեռք բերեցինք ու ունեցանք այդ օրերին, եւ ի՛նչ որ ունենք մինչեւ այսօր, այսինքն` նախ Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը եւ ապա` Խորհրդային Հայաստանը, որ իբրեւ իրողական գոյութիւն շարունակութիւնն է առաջինի: Եւ որպէսզի աւելի քան համոզիչ դառնայ այն անհերքելի ճշմարտութիւնը, որ աւերակուած Հայաստանից եւ Եղեռնի արհաւիրքն ապրած ու վերապրող խլեակներից ի՜նչ գերբնական ճիգով ու երկաթէ կամքով Արամներն հայաշխարհի կերտեցին պետութիւնն ու պետականութիւնը Հայաստանի, այսօր, այս պատեհ առիթով պիտի ներկայացնենք վաւերական ու վիճակագրական փաստեր, որպէսզի պարզ լինի բոլորի համար, մանաւանդ` մեր նոր սերնդի, թէ ի՛նչ տարողութեամբ պետական վարչական կառոյց ունէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որին եկաւ փոխարինելու Հայաստանի ներկայ վարչակարգը:

1918 մայիս 28-ին, երբ հռչակուեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը, նորանկախ երկրի վարիչները դրուեցին ծանրակշիռ հարցերի առջեւ: Հայաստանի անկախացումով հիմքն էր դրւում հանրապետութեան, սակայն սկսւում էր դժուարութիւնների մի նոր շարք: Պէտք էր ոչնչից պետութիւն կառուցել, հիմնաւորել, զարգացնել ու պահպանել այն:

Սահմանափակ էին հնարաւորութիւններն ու միջոցները, բարդ էր կացութիւնը: Արտաքին ճակատի վրայ միշտ առկայ էր մէկ կողմից հարեւան երկրների աննպաստ դիրքորոշումը, եւ միւս կողմից` ներքին ճակատում կար գաղթականների կնճռոտ հարցը, սովի վտանգը, համաճարակները, դեղորայքի պակասը եւ այլ բազում դժուարութիւններ: Այնքան դժուար ճիգերով ձեռք բերուած անկախութիւնը պահպանելու համար անհրաժեշտ էր իրականացնել պետական կառոյցը, դառնալ պետութիւն` իր ամբողջական իմաստով:

Հայաստանի օրուայ վարիչները, գիտակից այս իրողութեան, իրար յաջորդող եօթը դահլիճների գործունէութեան ընթացքում ձեռնարկեցին ընդհանուր կազմակերպման եւ կառուցման աշխատանքի:

Ա. ԴԱՀԼԻՃԸ կազմուեց 1918 յուլիսին: Այս դահլիճի չորս նախարարներից երեքը անդամ էին ՀՅ Դաշնակցութեան. Յ. Քաջազնունի` վարչապետ:
Բ. ԴԱՀԼԻՃԸ կազմուեց Ա. դահլիճից երեք ամիս յետոյ, որին ՀՅ Դաշնակցութեան հետ մաս էին կազմում Հայ ժողովրդական կուսակցութիւնից չորս նախարարներ.
Գ. ԴԱՀԼԻՃ (1919 յունուարից մինչեւ 1919 յունիս).
Դահլիճը վերակազմւում է, որովհետեւ աննման Արամ Մանուկեանը մահացած էր եւ դաշնակցական նախարար Խաչատուր Կարճիկեանը` սպաննուած:
Դ. ԴԱՀԼԻՃ (1919 յունիս – 1919 օգոստոս). Յովհ. Քաջազնունի` վարչապետ:
Ե. ԴԱՀԼԻՃԸ կազմուեց 1919-ի օգոստոսին, երբ առաջին անգամ լինելով` Հայաստանում տեղի էին ունենում խորհրդարանական ընտրութիւնները:
Կառավարութիւնը կազմուեց հետեւեալ անձնակազմով.
Ալ. Խատիսեան` վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար:
Զ. ԴԱՀԼԻՃ. 1920-ին Հայաստանի մանուկ Հանրապետութիւնը հարկադրուեց ճզմել պոլշեւիկեան մայիսեան ըմբոստութիւնը: Այդ իսկ պատճառով 1920 մայիսին ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոն է ստանձնում իշխանութիւնը:
Համօ Օհանջանեան` վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար:
Է. ԴԱՀԼԻՃ. Եօթներորդ դահլիճը կազմուեց շատ դժնդակ պայմանների տակ: Արտաքին ճնշումների պատճառով հայերը պարտուած էին Կարսում, պոլշեւիկները շարունակում էին ներքին խռովութիւններ ստեղծել:

Հայաստանի ղեկավարութիւնը, գերագոյն ճիգերով ստեղծուած հանրապետութիւնը պահպանելու հիմնական մտահոգութեամբ, որոշում է համաձայնել պոլշեւիկ ղեկավարութեան հետ եւ այդ բանակցութիւնների համար 23 նոյեմբեր 1920-ին կազմւում է մի նոր դահլիճ:

Սիմոն Վրացեան` վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար:

Այս կառավարութիւնն էր, որ մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1920-ը մնաց իշխանութեան վրայ եւ Դրօ-Լըկրան համաձայնութեամբ, 1920 դեկտեմբեր 2-ին Հայաստանի ղեկավարութիւնը յանձնուեց խորհրդայիններին:

Ինչպէս ասացինք, առաջին հերթին անհրաժեշտ էր սկսել պետութեան կառուցումից: Անկախացումից հազիւ մէկ տարի անց` Հայաստանն արդէն կազմակերպուած պետութիւն էր: Կային տասը գաւառներ` համապատասխան վարչութիւններով եւ դատական իշխանութիւններով: Յաջորդ տարում մի նոր հրամանագրով երկիրը բաժանւում է չորս նահանգների` Արարատեան, Շիրակի, Վանանդի եւ Սիւնեաց, իսկ իւրաքանչիւր նահանգ բաժանւում էր գաւառների: Յատուկ աշխատանք էր տարւում վարչական այդ բոլոր մարզերից ներս հայացնելու պետական հիմնարկութիւնները: Կազմւում էր «Հայացման կոմիտէ» եւ 1919-ի մայիս 15-ին հայացւում են բոլոր հիմնարկութիւնները: Մի քանի ամիս յետոյ, դեկտեմբեր 26-ին, հայերէնը հռչակւում է պետական լեզու, մարտ 16-ին բացւում է պետական դատարանը եւ սկսում են դատավարութիւնները:

18 յունուար 1920-ին Հայաստանն իրողական (տէ ֆաքթօ) ճանաչում է ստանում հաշտութեան խորհրդաժողովի կողմից, որով եւ սկսւում են նրա դիւանագիտական փոխյարաբերութիւնները:

Կազմակերպւում է դեսպանական պաշտօնէութիւնը եւ նշանակւում են դեսպաններ:

1920-ին Օհանջանեանի կառավարութիւնը վաւերացնում է Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը եւ պետական դրօշը: Յուլիս 5-ին հրատարակւում է քաղաքացիական օրէնքը: Հիմնւում է պետական ռատիոկայանը, որի ձայնասփռումը տարածւում է հեռուները եւ իր ծիրի մէջ է առնում Պասրան, Թաշքենդը եւ Հաշտարխանը:

Մեծ եւ ծանր նիւթական դժուարութիւններ գոյութիւն ունէին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամսական 600-800 միլիոն ռուբլիի ծախսեր ունէր: Մինչեւ օգոստոս 1920-ը հրապարակւում են երկու միլիառ ռուբլիի հայկական արժեթղթեր եւ ապա` հայկական թղթադրամ: Դրամական հոսման առաջն առնելու համար պետութիւնը ստեղծում է ոսկու հիմնադրամը եւ` Հայաստանի Հանրապետութեան փոխառութեան դրութիւնը, որ կատարւում է բաժանորդագրութեան հիմունքով: Պետական պիւտճէն հաւասարակշռելու համար լուրջ աշխատանք է տարւում` կազմակերպելով առեւտրական եւ արդիւնաբերական կեանքը: Մշակւում է տուրքերի օրինագիծ, եւ սահմանւում է յառաջատուական տուրքի դրութիւն:

Տնտեսական մարզից ներս մեծ հետաքրքրութիւններ են յայտ բերում օտար ընկերութիւններ: Ներկայացւում են զանազան առաջարկներ` պեղումներ կատարելու, կառուցումներ ստանձնելու եւ հանքեր արտահանելու: Խնամատարական նախարարութիւնը մեծ ճիգ էր թափում իր աշխատանքների իրագործման համար: Շատ կարճ ժամանակի ընթացքում հաստատւում են` արհեստանոցներ, գործարաններ, աշխատանոցներ, հիւսուածեղէնի եւ կաշուեղէնի գործարաններ, կահագործարաններ եւն.:

Պետութիւնը յատուկ գուրգուրանքի առարկայ է դարձնում համագործակցականների դրութիւնը: Հիմնւում է «Կօօպերացիաների միութիւն», որին անդամակցում էր 350 համագործակցական, եւ ունէր 95.000 անդամ: Եթէ նկատի առնենք, որ իւրաքանչիւր անդամ միջին հաշուով հինգ հոգու հոգատարութիւն էր ստանձնում, նշանակում է, որ համագործակցականներից օգտւում էին մօտ 475.000 անձ: Մինչեւ 1920թ. պետութիւնը մօտ 150 միլիոն ռուբլիի յատկացումներ կատարեց միութեան: Մեծ զարկ տուեց երկրագործութեան: Կազմուեց Հողային յատուկ կոմիտէ, որ բծախնդիր կերպով քննելուց յետոյ լքեալ եւ եկեղեցական հողերը, դրանք բաժանեց գլխաւորաբար Ծաղկաձորի, Էջմիածնի, Աշտարակի, Ապարանի ու Նոր Պայազետի շրջանների գիւղացիներին:

Այս ուղղութեամբ կազմուեց նաեւ Սերմնացանի յատուկ կոմիտէ, որ մեծ ջանք թափեց ապահովելու համար սերմացու հունտեր: Այս կոմիտէի աշխատանքը նպաստաւոր անդրադարձ ունեցաւ երկրի երկրագործութեան եւ գիւղատնտեսութեան վրայ: Մեծ աշխատանք տարուեց հողային եւ հանքային հետազօտութիւնների մարզում, եւ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ աղահանքերն ու ածխահանքերը պեղելը, ինչպէս նաեւ` ունենալու ջրային ուժի եւ ոռոգման աղբիւրներ, որոնց հետ մշակուեց ելեկտրակայանների հաստատման ծրագիրը:

Ընկերային մարզում լուրջ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ առողջապահական հարցը: Համապատասխան մարմիններն ու պատասխանատուները ճիգ թափեցին ամէն գնով բարելաւելու համար ժողովրդի առողջապահական պայմանները: 1919 թուի սկզբում գոյութիւն ունէր միայն 9 հիւանդանոց` 300 մահճակալով, իսկ 1920-ի վերջերին գործում էին 30 հիւանդանոցներ` 1600 մահճակալով, եւ` 5 բժշկակայան: Հաստատուեցին բուժկայաններ ու դեղակայաններ, ուր չքաւորներին անվճար դեղ էր բաշխւում, իսկ աշխատաւորներին տրւում էր 50 առ հարիւր զեղչ:

Կրթական-մշակութային մարզում նոյնպէս տենդագին աշխատանք էր տարւում, 1919-ին Հայաստանում արդէն գործում էին 431 տարրական դպրոցներ` 1096 ուսուցիչներով եւ 38.015 աշակերտներով, եւ 20 միջնակարգ դպրոցներ` 288 ուսուցիչներով եւ 5162 աշակերտներով: 31 յունուար 1920-ին հիմնուեց Երեւանի պետական համալսարանը: Մշակութային գետնի վրայ մեծ ճիգ էր գործադրւում յուշարձանների պահպանման եւ արուեստի հովանաւորման տեսակէտից: Հիմնուեցին` ազգագրական-մարդաբանական թանգարան, գրադարան, թատերական դպրոց եւ երաժշտական դպրոցներ:

Շատ հպանցիկ այս ակնարկը Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ընդամէնը երկու տարիների կարճատեւ կեանքում եղած իրագործումների վրայ` բաւարար փաստեր են ապացուցելու, թէ ինչպիսի՛ մեղուաջան ու տենդագին աշխատանք էր տարւում աւարից ու աւերից յարութիւն առած մեր նորահաստատ հանրապետութեան մէջ, որոնք չի կարելի ժխտել որեւէ՛ պատմաշինութեամբ, միտումնաւոր մոռացումներով ու անտեսումներով: Այդ իրագործումները ենթահողն են ներկայ Հայաստանի զարգացման, հիմնական ատաղձը` հայ ժողովրդի կամքո՛վ, նրա արդար վաստակո՛վ, նրա ամրակուռ հաւատքո՛վ, նրա ապրելու եւ գոյատեւելու տենչո՛վ ու վճռականութեամբ հիմնադրուած պետականութեան:

1918 մայիս 28-ը հիմնաքա՛րն է վերածնուած Հայաստանի, անկախ լինի նա, թէ խորհրդային, եւ այս բացարձակ ճշմարտութիւնը պէ՛տք է ընդունի ոեւէ հայ, որ հաւատարիմ է Հայաստանին:

Մեր անկախութեան վաթսունամեակը նշել` նշանակում է ամէնից առաջ յարգանք մատուցել մեր պետականութեան հիմնաքարը կերտողների յիշատակին եւ ապա ազգովին ձգտել իւրաքանչիւր ժողովրդի ու ազգութեան համար նուիրական ու հիմնական նպատակին ու նրա ճակատագրին:

Այս հաւատամքն է, որ մեր նոր սերնդին պիտի առաջնորդի կատարեալի՛ն, վերջնականի՛ն:

Փա՜ռք յաւերժական Հայաստանին:

«Ալիք» օրաթերթ
Շաբաթ, 27 մայիս 1978, թիւ 115

 

 


Ա՛լ Ժամանակն Է Դուրս Գալու Դասականացած Տօնահանդէսներու Ձեւականութենէն (Վարդանանց, 451 Թ.)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Եթէ Վարդանանց պատերազմը դեռեւս կ՛ոգեւորէ մեզ ու զայն կերտող դէմքերը կը շարունակեն ապրիլ նաեւ մե՛ր շրթներուն, ատիկա անոր համար է, որ արուեստով լուսաւորուած են ե՛ւ դէպքը ե՛ւ դէմքերը: Սկսեալ Եղիշէէն մինչեւ Ներսէս Շնորհալի եւ մինչեւ Վահան Թէքէեան եւ Օշական, ու արուեստի այլ մարզերու ներկայացուցիչները, իրենց արուեստագէտի շունչով մեծապէս նպաստած են Վարդանանցը մեզի մօտեցնելու եւ զայն մնայուն թարմութեամբ մը օժտելու գործին:

ՊՕՂՈՍ  ՍՆԱՊԵԱՆ

Խորագիրը, հեգնանքի եւ ստորագնահատանքի միտումներ չ՛ընդգրկեր երբե՛ք:

Մեծամիտ ու յաւակնոտ ալ չենք մեր մօտեցումներուն մէջ:

Աւելի՛ն. 1567 տարիներու աւանդ մը, ազգային արժէք ու հաւաքական յիշողութիւն մը մոռացութեան մատնելու կամ խծբծելու մասին չէ խօսքը, քա՛ւ լիցի:  Այլ` սփիւռքացած մեր հոգիներուն ու մտայնութեանց, շատ անգամ խեղճացած ու տկլոր գործելակերպերէ ձերբազատելու կանչ մըն է անիկա, այլապէս զգօն ըլլալու ճիչ մը, հայաշունչ ապրումներու իրաւութիւնը տեսնելու փափաք մը, դէպի հայութիւն ու Հայաստան սլանալու հրամայական պահանջ մը:

Այսինքն` աւարայրեան հերոսամարտի խորախորհուրդ իմաստները էապէս հասկնալու եւ ըմբռնելու հրաւէր մըն է, որ կ՛ուղղուի, ատով հաւաքական մեր կեանքը լիարժէքօրէն հունաւորելու եւ ջրդեղելու:

Ի դէպ, կրնայ ըլլալ, որ բարեպաշտ մամիկ թէ պապիկ մը, ազնուասիրտ ուսուցիչ թէ գրող մը, արուեստագէտ թէ բանուոր հայորդի մը, կղերական թէ շինական մը, հարուստ թէ աղքատ մը, սապէս ընդվզած բացագանչեն եւ ըսեն, ի տես վերեւ խորագրուածին, թէ հայոց ամէնէն սուրբ տօներէն մէկն է Վարդանանցը, սխրանքներու թագուհին է` Տղմուտի ափին, Աւարայրի դաշտին վրայ կերտուած հերոսապատումը, թէ` հայու քրիստոնէական հաւատքին ամէնէն ուժեղ պատուանդանն է 451 թուականը, հայը հա՛յ պահող, ազգային ինքնութիւնն ու դիմագիծը պաշտպանող նուիրական աքթն է անիկա, որով հպարտացած ենք դարերէ ի վեր, ու կը շարունակենք անո՛վ ապրիլ ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի:

Իրօք, այդպէս է եղած ու կը շարունակէ ըլլա՛լ Աւարայրը հայութեան համար:

Ու մենք ալ առանց վանկարկումի կ՛աւելցնենք, թէ անոնք` Վարդանանք եղան այն բուռ մը ազատամարտիկները, որոնք` թիկունք կանգնած իրենց հրամանատարին, Վարդան Մամիկոնեանին, խիզախօրէն արշաւեցին թշնամի բանակին վրայ, կուրծք ցցեցին Սասանեան Պարսկաստանի զարմանազան յարձակումներուն, հայավայել իրենց գլխագիր «Ոչ»-ը ըսին Յազկերտ Բ.-ի կայսեր պարտադրանքներուն դէմ, եւ, ապաւինած իրենց սեփական ուժին ու կորովին, զարկին ու զարնուեցան` յանուն հայրենիքի անկախութեան եւ դաւանանքի ազատութեան:

Հաւանաբար, Վարդանանց հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած այն ոսկեայ դիպաշարն է, եզակի աքթը, որ կրցաւ ստեղծել իր իւրայատուկ խորհուրդը, անարգել թափանցել իւրաքանչիւր հայու սիրտը, կլանել երիտասարդական խանդավառութիւնն անգամ ու դառնալ առինքնող այն ուժը, որով հայ մանուկներ թռիչք տուին իրենց երեւակայութեան եւ ուզեցին ըլլալ Վարդանի քաջ թոռները:

Իսկ պատճա՞ռը, վերեւ յիշուած մէջբերումին, սնապեանական գեղագէտ շունչին ու մտաւորական մօտեցումին մէջ հարկ է տեսնել, յստակօրէն բանաձեւուած եւ կուռ տողերով ընդգծուած:

Ահա հակիրճ պատմականը արարքի մը, որուն ազդուութիւնը դեռեւս կը շոյէ մեր հաւաքական յիշողութիւնը, կը բոցավառէ մեր քրիստոնէական հաւատքին խորանը, մեզ կը շաղախէ մեր անցեալի փառքին հետ, կ՛արժեւորէ մեր ներկան, բայց նոյն ատեն կ՛ալեկոծէ մեր հոգիներն ու միտքերը:

Այո՛, կ՛ալեկոծէ, որովհետեւ, եթէ երբեք օրին հայ պետական աւագանին, հակառակ ներքին անհամաձայնութիւններու եւ քաղաքական կեցուածքներու, իր կողքին ունենալով հայ եկեղեցին ու զինուորական համակարգը կրցաւ շրջանցել ամէն դժուարութիւն եւ որոշում կայացնել` ընդդիմանալու, պատերազմելու, քաղաքական կեցուածք ցոյց տալու, ապա այսօր, իբրեւ անկախ պետութիւն եւ գաղթաշխարհ(ներ), ստեղծուած բազում դժուարութիւններու, խոչընդոտներու թէ արուեստական արգելքներու դէմ-յանդիման, շատ անգամ կ՛ընկրկինք, տեղի կու տանք, կը յանձնուինք, կ՛ընդարմանանք շահախնդիր բացատրութիւններու եւ կեցուածքներու զոհը դառնալով:

Պիտի ըսուի, որ ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ կը տողանցէ փառքը Վարդանանցի, երբ արցախեան գոյամարտով` հայութիւնը կրցաւ յաղթել զազիր թշնամիին ու անոր պարտադրել իր կամքը, հաւաքական որոշումը, կեցուածքը:

Ճիշդ է: Անհերքելի ճշմարտութիւն եւ եզակի սխրանք է արցախեան գոյամարտը, ներշնչուած հեռու թէ մօտիկ անցեալի խիզախ ու ազատատենչ մօտեցումներու հրայրքէն: Փաստօրէն, հերոսական Արցախ աշխարհը ազատագրուեցաւ շնորհիւ հայոց նորաստեղծ պետականութեան, հայութեան ու ազնուազարմ տղաներու միասնակամ եւ քաջարի կեցուածքին, անկոտրում կամքին, նուիրումին, ազգավայել հաւատամքին:

Ճիշդ է նաեւ մետալի միւս երեսը` հայութեան ներկան ու ապագան խաթարող երեւոյթներու տակաւ յամեցումը:

Երեւոյթներ, որոնց թւումն անգամ հեղձուցիչ է, յուսահատութեան գիրկը կը նետէ, ամբողջ հաւաքականութեան մը բարոյահոգեբանական վիճակին վրայ կ՛ազդէ` զայն մղելով աւելի եւս ընդարմանալու եւ ապահայանալու:

Ըսինք, որ տարեդարձներն ու տօնահանդէսները ունին իրենց գրաւչութիւնը, դեռ կը պահեն իրենց ազդուութիւնը այնքան մը, որ անոնք կը նմանին յիշատակի օրուան, երբ տուեալ պահուն կը լսենք գեղեցիկ խօսքեր, սրտառուչ ապրումներ, խոհեր ու կարգախօսեր, որոնք սակայն մոռացութեան կը մատնուին քանի մը ժամ ետք:

Արդ, ինչպիսի՞ արժէք ունին այն բոլոր սիրազեղ արտայայտութիւնները` ուղղուած քաջն Վարդանին ու անոր կտրիճ տղաներուն,  երբ վերանկախ Հայաստանի հողէն հայը կ՛արտագաղթէ պատառ մը հացի համար, երբ հայրենիքի մէջ ապրող հայ աղքատ ընտանիքներուն թիւը ցնցիչ համեմատութեան հասած է, երբ ընկերային, տնտեսական, արդիւնաբերական թէ արդարադատական բնագաւառներ տակաւին կայացած չեն, յոյս չեն ներշնչեր, երբ աւատապետական գործելակերպեր սանձարձակ կը գործեն, երբ առանձնաշնորհեալ կարգավիճակներ կ՛ապրին փառքի օրեր եւ մասամբ նորին:

Գալով սփիւռքեան մեր իրավիճակին, որուն տխուր օրատետրին վրայ տակաւ կ՛արձանագրուին այնպիսի մտահոգութիւններ եւ ցաւեր, որոնց յիշատակումն անգամ մարդս խելագար կը դարձնէ:

Փաստօրէն ինչպէ՞ս հասկնալ հաւատքի մէջ զօրաւոր մնալու քարոզները, երբ հայ եկեղեցին, մնալով հանդերձ իր ազգային առաքելութեան կառչած, մերթ ընդ մերթ ցոյց կու տայ այնպիսի բացթողումներ եւ խորթութիւններ, որոնց մասին ամէն նկատողութիւն` հերետիկոսութեան կը վերագրուի: Դիպուկ է այստեղ մատնանշել, որ հայ քրիստոնեայ կերպարը իր սնունդը կ՛առնէ բացառապէս առաքելատիպ քարոզիչներէ եւ առհասարակ օրինակելի գործելակերպերէ:

Ա՛լ չենք խօսիր աղանդաւորական բազմաբնոյթ շարժումներու համարձակ զբօսնուլը ի Հայաստան թէ հայ գաղթաշխարհի մէն մի շրջապատի մէջ: Չենք ուզեր մանրամասնել, որ մեր պարագային` արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան,  մարդուժի թէ հայատիպ սերունդներ պատրաստելու համար, տարուած աշխատանքը գնահատելով հանդերձ,  ոչ միայն բաւարար է, այլեւ` տխուր պատկեր կը պարզէ, որովհետեւ անիկա չունի ռազմավարական յստակ ուղեգիծ եւ չի պարփակեր հաստատութենական մտածողութիւն:

Այլապէս ալ ինչպէ՞ս ըմբռնել կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու թէ միութիւններու գործունէութիւնները, երբ անոնք, ցոյց տալով հանդերձ նորարար մտածումներ եւ նպատակային առաջադրանքներ, իրենց շարքերէն «փախուստ» կու տան երիտասարդական փաղանգներ, առարկելով, թէ ազատ մտածողութեան, քննական մտքի եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու բացակայութիւնը կը խրտչեցնէ զիրենք ու կ՛ամլացնէ:

Միթէ Աւարայրի գոյամարտը վերոնշեալ մտածումներուն կենդանութիւն տուող շտեմարանը չէ՞, աւելի՛ն. Վարդանանց պատերազմը ձուլումի եւ այլասերումի դէմ, ազգային դիմագիծի ու մշակոյթի պաշտպանութեան, մայրենի լեզուն առողջ ու կայտառ պահելու, կայուն եւ հզօր հայրենիք կերտելու եւ ազգային երազանքներ իրականացնելու մղուած պատերազմ չէ՞ր:

Հայութիւնը, վստահաբար, պիտի շարունակէ սիրել ու յարգել Վարդանն ու անոր քաջարի տղաները, պիտի շարունակէ տէր կանգնիլ անոր թողած ժառանգին ու պատգամին, պիտի ամրապնդէ իր հայկականութիւնն ու հայրենիքը: Հայութիւնը պարտաւոր է նաեւ, զերծ մնալու պոռոտախօսութենէ եւ ձեւական աշխատելաոճերէ, այլապէս նետուելու է մերօրեայ կռիւի դաշտեր, յաղթելու կամք ցոյց տալու, յաղթելու եւ սերունդներ առաջնորդելու դէպի Արարատեան դաշտ ու Արցախ աշխարհ:

Ահաւասի՛կ մեր օրերու Աւարայրը:

 

 

Ափսո՜ս

$
0
0

ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Պատանի տարիքիս քոյրս նշանուեցաւ Պօղոսին հօրաքրոջ տղուն հետ, եւ մենք եղանք խնամի: «Բաբգէն Սիւնի» ակումբը մեր տան քովն էր եւ մեր թաղի տղոց` երկրորդ տունը, բոլորս պատանեկան միութեան անդամ էինք:

Երբ Պօղոսին հետ ծանօթացայ, հարցուցի. «Կ՛ուզե՞ս պատանի ըլլալ», առանց երկմտանքի` «այո՛» ըսաւ. զինք եւ եղբայրը ակումբ տարի եւ պատանիներու վարիչին ներկայացուցի. այն ժամանակ մեր վարիչը պարոն Թովմաս Հապէշեանն էր, եւ ըսի. «Ընկե՛ր վարիչ, Պօղոսը եւ եղբայրը կ՛ուզեն պատանի արձանագրուիլ». «Պատանի ըլլալու համար երկու երաշխաւոր պէտք է», ըսաւ ընկեր վարիչը. ես եւ հօրեղբօրս տղան երաշխաւոր եղանք. Պօղոսը այդ օրէն դարձաւ ՀՅԴ-ի անդամ մինչեւ..

Տարիներ անցան, Պօղոսը ստացաւ բարձրագոյն կրթութիւն, դարձաւ միջազգային հաստատութիւններու անդամ, ման եկաւ աշխարհ ու նորէն վերադարձաւ իր սիրած գիւղը, մնաց նոյն համեստ, սակաւախօս, իր ամբարած գիտելիքները միշտ եւ ուրախութեամբ բաժնեց բոլորին` առանց ազգային խտրականութեան:

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի սկաուտներու բանակումի աշխատանքներուն ընթացքին այլազան ձեւերով արեւէն օգտուելու մասին դասախօսութեան կը հրաւիրէինք զինք. մինչեւ օրս ոմանք կը յիշեն, թէ ինչպէ՛ս արեւով հաց կ՛եփէին թոնիրին մէջ եւ` այլ ճաշատեսակներ: Անհամբեր կը սպասէինք Պօղոսի Այնճար գալուն` նորութիւն մը լսելու:

Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի գիւղերը պէտք ունին մասնագէտ գիւղատնտեսներու, եւ Պօղոսը այդ մասնագէտներէն էր:

«Արիս» բարեգործական հիմնադրամը ծրագրած է Շիրակի մարզի եօթը գիւղերու ջուրի հարցը լուծել` կաթիլային համակարգ ստեղծելով եւ ասոր համար մասնագէտի պէտք ունի: Հոգաբարձուներու ժողովին առաջարկեցի Պօղոսին անունը եւ խօսեցայ անոր աշխատանքներուն մասին, որ` գիւղերու զարգացման մէջ մասնագէտ է. ժողովը ընդունեց ծախսերը հոգալ եւ զինք հրաւիրել: Անմիջապէս հեռաձայնով կապուեցայ հետը եւ հրաւիրեցի զինք, դարձեալ առանց երկմտանքի` առաջարկը ընդունեց. ծախսերու մասին մի՛ մտածէք, ես պատրաստ եմ, ըսաւ, բայց հիմա ձմեռ է, այդ շրջանը ձիւն կ’ըլլայ, չենք կրնար գործնական աշխատանքներ տանիլ, ապրիլի սկիզբը կու գամ: Լուրը անմիջապէս յայտնեցի Արիս սրբազանին, որ իր կարգին խանդավառուած յայտնեց Մարալիկի քաղաքապետին, ու լուրը տարածուեցաւ մարզի գիւղերը, թէ հայազգի ՄԱԿ-ի պաշտօնեայ պիտի գայ եւ նորութիւններ պիտի բերէ գիւղացիներուն:

Հիմնադրամին խորհուրդը որոշեց աշխատանքային ծրագիրներ. ուրախ մթնոլորտի մէջ կը սպասենք Պօղոսի գալուն, երբ չորս օր ետք համացանցի մէջ կը կարդամ` ցաւակցութիւն Պօղոս Ղուկասեանի կնոջ: Աչքերուս չեմ հաւատար, կը մտածեմ` ինչպէ՛ս լուր պիտի տամ Արիս սրբազանին, Մարալիկի քաղաքապետին, գիւղացիներուն, որ իրենց սպասած անձը ոչ եւս է, այդ գիւղացիները այնքան խաբուած են ուրիշներէն, ինչպէ՞ս հաւատան ինծի:

Ցաւալի էր եւ ցնցիչ… գործը մնաց կիսատ:

Սիրելի՛ ընկեր, ես չկրցայ վերջին հրաժեշտ տալ քեզի, առանձնութեան մէջ այս տողերը գրելու ժամանակ փորձեցի զսպել արցունքներս եւ հեկեկալէս չկրցայ, շատ քիչ կը պատահի ինծի հետ:

Այդ քու շատ սիրած հողը թեթեւ գայ վրադ:

Խունկ եւ մոմ` անթառամ շիրիմիդ:

Ընկերդ`
ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Խմբագրական. Վարդանանքը` Ազգի Ամբողջականութեան Հերթական Փայլատակումը

$
0
0

Վարդանանց պատերազմի երեւոյթը պէտք է փորձել դիտարկել մեր համազգային փիլիսոփայութեան, ազգի շարունակականութեան ապահովման համար ամէն տեսակի միջոցներու դիմելու անտեղիտալի վճռակամութեան հերթական առարկայացման մէջ: Հերթական այն առումով, որ միեւնոյն ամբողջականութեան յաջորդ անմիջական փուլը Վահանեանց շարժումն է եւ Նուարսակի դաշնագիրի յաղթանակը:

Եւ եթէ Վարդանանք-Վահանեանց ճակատամարտ-փարթիզանական կռուելաձեւ հասկացողութիւններու մէկ ամբողջականութիւնը շրջագծենք, ապա յաղթանակը բարոյականէն անդին ամրագրուած կ՛երեւի նաեւ առարկայական առումով:

Այս ամբողջականութեան մէջ պէտք է տեսնել նաեւ այդ օրերուն հայկական գործօնի դերը` աշխարհագրական դիրքի, ազգի շարունակականութիւնը ապահովելու, միջքաղաքակրթական պատերազմներու մէջ ազգային ինքնուրոյն գօտիի պահպանման համար:

Ո՛չ միայն մեր հայրենիքը, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանը քաղաքակրթական այլ դիմագիծ կը ստանար, եթէ չըլլար Վարդան-Վահան տարբեր ոճերու, սակայն ըստ էութեան միեւնոյն նպատակով մղուած ազատագրական պատերազմը:

Տարին ըլլալով յոբելենական, ենթակայական եւ առարկայական ներշնչումներ կը ստեղծէ  պատմական իրադարձութիւնները դար մը առաջ արձանագրուած ճակատագրորոշ իրադարձութիւններու խորհուրդներուն ներքոյ դիտարկելու: Եւ այս պարագային անմիջապէս նկատելու, որ տարածաշրջանը ամբողջ քաղաքակրթական տարբեր դիմագիծ եւ համապատկեր կ՛ունենար, եթէ չըլլային մայիսեան ծառացումները: Անոնք արգելակեցին, որ Թուրքիան մեր հայրենիքին վրայով աշխարհագրականօրէն կապուի համաթուրանական միւս ցեղերէն բաղկացած երկիրներուն` հիմնովին դիմափոխելով ամբողջ շրջանը:

Ըստ կարելւոյն ազգային եւ ինքնուրոյն քաղաքականութիւն վարելու եւ աշխարհագրականօրէն բարդագոյն դիրքերու մէջ գտնուելով, նրբագոյն ձեւով այս կամ այն գերտէրութեան պարտադրած կախեալութիւններէն դուրս գալու միտումներ դրսեւորելու դիւանագիտական արուեստը միշտ զուգորդուած է դարերու ընթացքին մեր հայրենիքի թագաւորական, եկեղեցական եւ պետական իշխանութիւններուն կողմէ:

Համընդհանուր ճակատամարտէն առաջ Վարդանանք` Արտաշատ-Տիզպոն եռուզեռով յատկանշուած մագոգային դիւանագիտութեամբ փորձեցին շրջանցել բախումը եւ քաղաքական լուծումով պահպանել ինքնուրոյնութիւնը: Այդ միջոցներու սպառումէն ետք էր միայն, որ հայկական կողմը առաջնորդուեցաւ պատերազմի ընտրանքին: Համընդհանուր բախման  եւ անոր թողած հետեւանքներէն ետք էր միայն, որ հայկական կողմը գնաց փարթիզանական կռուելաձեւը որդեգրելու որոշումին:

Նախքան բախումները ուրեմն, Արտաշատի մէջ հաւաքուած հայ ազգային-պետական-եկեղեցական վերնախաւը համակողմանի դիւանագիտութեամբ աշխատեցաւ կիրարկել փոխլրացուցիչ, հաւասարակշիռ արտաքին քաղաքականութիւն: Փոխանակ բախումի, տարբեր քաղաքակրթութիւններ կամրջելու եւ այդ կամրջումով ինքնուրոյնութիւն, ինքնատիպութիւն եւ հայու տեսակի պահպանումն ու շարունակականութիւնը ամրագրելու փիլիսոփայութիւնը կենսագործելու:

Հազարամեակներ ետք քաղաքական այդ փիլիսոփայութիւնը կը շարունակէ մնալ առանցքը մեր արտաքին քաղաքականութեան: Միեւնոյն աշխարհագրական դիրքը, կախեալութեան միեւնոյն վտանգը, քաղաքակրթութիւններ կամրջելու միեւնոյն մղումները, բայց նաեւ միջոցներու սպառման պարագային Վարդանանց նման ծառանալու պատրաստուածութիւնը: Տիզպոնը կրնայ վերանուանուիլ Անգարա-Պաքու, Թեհրան, Մոսկուա, Ուաշինկթըն, Սթրազպուրկ. Արտաշատը` Երեւան, Ստեփանակերտ եւ սփիւռքեան կեդրոններ: Աւարայրը` Սարդարապատ, Շուշի, Վարդանանքն ու Վահանեանք` Արամ Մանուկեան, Դրօ, Վարդան Դուշման կամ Բեկոր Աշոտ: Բոլորը` պահպանելու համար հայրենի տարածքներն ու ապահովելու ազգի շարունակականութիւնը:

Սօսէ Մայրիկ (Աղբիւր Սօսէ, 1868-1953). Յեղափոխական հայու եւ Դաշնակցական ֆետայիի կանացի՝ մայրակա՛ն դէմքը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Սերոբ Աղբիւր, Աղբիւր Սօսէ

9 Փետրուար 1953ին, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ, 85 տարեկան հասակին իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի դիւցազնուհին՝ Աղբիւր Սօսէն։

Սօսէ Մայրիկ հայ ֆետայական շարժման առիւծին՝ Սերոբ Աղբիւրի (Վարդանեան) կինն էր։ Ծնած էր 1868ին (ըստ որոշ աղբիւրներու՝ 1869ին) Սասուն, Նեմրութ լերան փէշերուն գտնուող Թեղուտ գիւղը, բազմանդամ ընտանիքի տէր Մարգար Դրօ-Աստանտուրի յարկին տակ։

Հազիւ պարմանուհի, 13 տարեկանին, Սասնոյ հայերու աւանդութեան համաձայն, ծնողքը ուզեց ամուսնացնել Սօսէին։ Բարձրահասակ եւ գեղադէմ՝ Սօսէ ըմբոստացման իր առաջին եւ բախտորոշ քայլը կատարեց, երբ ծնողքին առաջարկած թեկնածուները մերժելով՝ ուզեց իր կեանքը կապել Խչէենց Սերոբի հետ, որուն անձնուիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը ներշնչման աղբիւր եղած էր յեղափոխական հայուհիին համար։

Այդպէ՛ս, Սօսէի կեանքը կապուեցաւ Սերոբ Վարդանեանին, որ կոչուած էր դառնալու Տարօն Աշխարհի յեղափոխական առիծը եւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման մէջ անմահանալու իբրեւ դաշնակցական անդրանիկ հայդուկապետներէն Աղբի՛ւր Սերոբը։

Քրտական եւ թրքական անիրաւութեանց ու շահատակութեանց դէմ հայկական ըմբոստացման առաջին բռնկումներու, ինչպէս նաեւ՝ ապրուստի ապահովման դժուարին պայմաններու յաղթահարման համար պանդխտութեան ժամանակաշրջան էր։ Սոխորդ գիւղի բնակիչ Վարդանեաններու տունը եւս ճաշակեց պանդխտութեան դառնութիւնը, երբ 1890ականներու սկիզբը, կնոջն ու անդրանիկ զաւկին՝ Յակոբին առանձին թողած, Սերոբ գնաց պանդխտութեան։ Ընտանեկան օճախի պաշտպանութեան հոգը, ի հարկին նաեւ զէնքով ծառացումը քրտական առօրեայ գողութեանց դէմ, Սօսէի մէջ կռանեցին դիմադրականութեան ոգին եւ ան լիովին պատրաստ էր արդէն ֆետայական կեանքին, երբ 1895ին Սերոբ վերադարձաւ պանդխտութենէն՝ արդէն դաշնակցական յեղափոխականի «Տղա՛ք, առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի մնաք» յորդորով պայքարի դրօշը պարզելու համար Սասնոյ տարածքին։

Սոսե Մայրիկի գերեզմանը Եռաբլուրում

Սերոբ իր անձին օրինակով ուղի բացաւ։ Կնոջ ու արդէն երկու որդիներուն հետ՝ իր շուրջ հաւաքած մարտունակ ոգիով երիտասարդներու խումբ մը, Սերոբ իր ունեցած-չունեցածը ծախեց, զէնք ու զինամթերք ապահովեց եւ բարձրացան լեռները։

Սօսէի Ֆետայական գործունէութեան այդ շրջանը լաւագոյնս խտացուած է Հայկական Ազատամարտին նուիրուած ժողովրդական երգի՝ «Գնդակ Որոտաց»ի հետեւեալ երկու տուներով.-

Գնդակ որոտաց Նոյեմբեր ամսուն,
Պաշարուած ենք մենք, իմ սիրուն Սօսէ,
Վեր առ մոսինդ, քաջութիւն հոս է,
Քո սիրած Սերոբի օրհնեալ օրն այս է:

Ձայն տուաւ Սօսէն.- Սերոբ ջան հոս եմ,
Զինուած պատրաստուած, ձայնիդ կը սպասեմ,
Քեզի հետ կռուելու, քո կողքին մեռնելու
Ամէն օր, ամէն ժամ, պատրաստ է Սօսէն:

Միայն երեք տարի տեւեց Աղբիւր Սերոբի ֆետայական գործունէութեան շրջանը, որուն ամբողջ տեւողութեան Սօսէ ոչ միայն կինը, այլեւ զէնքի անբաժան ընկերը եղաւ Տարօնի Առիւծին։ Գիւղէ գիւղ եւ քրտական հրոսակներու թէ թրքական զօրքերու դէմ կռիւէ կռիւ, Սերոբ Աղբիւր յեղափոխութեան բոցով պայքարի հանեց ողջ Տարօնի աշխարհը՝ արժանանալով ժողովրդական ու գուսանական բազում երգերու, որոնց մէջ ըստ արժանւոյն ֆետայի հայուհիի իր տեղը ունեցաւ Սօսէ։

Հայ ազգային-ազատագրական շարժման ոգեշնչող աւանդներէն մէկը եղաւ Սօսէի ամբողջական մասնակցութիւնը ֆետայական կեանքին ու մարտական բուռն գործունէութեան։ Առնուազն Սասնոյ հայութիւնը դեռ պատրաստ չէր հասկնալու եւ ընդունելու, որ հաւասարապէս հայուհին եւս իրաւունք ունէր զէն ի ձեռին կանգնելու կռուի դաշտ նետուած հայ տղամարդու կողքին՝ միասնաբար յառաջ մղելու համար Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրութեան պայքարը։

Աւելի՛ն. ատենին տիրող Ֆետայական շարժման բարոյական օրէնքներով՝ ֆետային պէտք չէ ամուսնանար, իսկ եթէ արդէն ամուսնացած էր՝ ընտանիքին հրաժեշտ պէտք է տար ու անմնացորդ նուիրուէր ազգի ազատագրութեան պայքարին։

Իբրեւ իր ատենի ֆետայական շարժման անվիճելի առաջնորդը՝ Աղբիւր Սերոբ իր իսկ զինուորներուն կողմէ քննադատուեցաւ Սօսէն ու զաւակները իր կողքին պահելու որոշումին համար։ Բայց զուր անցան ֆետայական կեանքէն բաժնուելու եւ զաւակներու հոգատարութեան նուիրուելու իմաստով Սօսէին ուղղուած նոյնիսկ սրտցաւ յորդորները, որովհետեւ Սօսէ որքան կին էր ու մայր, նոյնքան եւ աւելիով ֆետայի էր ու իբրեւ այդպիսին մնաց մինչեւ 1899ի այն սեւ ու մուր օրը, երբ Սերոբ հայ դաւաճանի մատնութեան զոհ գնաց, թունաւորուեցաւ եւ թուրք ու քիւրտ զօրքի կողմէ պաշարուեցաւ իր խումով։

Սերոբ եւ Սօսէ թագստոց ընտրած էին Գեալիգիւզան գիւղը։ Սերոբի գլխուն համար թրքական իշխանութեանց խոստացած պարգեւներէն շլացած՝ հայանուն մատնիչ-դաւաճան մը ոչ միայն իշխանութեանց տեղեկացուց Աղբիւրի թագստացոցը, այլեւ՝ իբրեւ բարեկամ արժանացած Սերոբի հիւրընկալութեան, ծխախոտի մէջ թոյն խառնելով թունաւորեց եւ անշարժութեան մատնեց Տարօնի Առիւծին։ Այնուհետեւ՝ թուրք զինուորները իրենց յարձակումը գործեցին։ Սերոբ անոյժ էր դիմադրելու համար, բայց Սօսէ, անդրանիկ զաւակը՝ Յակոբ եւ երկու եղբայրները՝ Զաքար ու Մխօ հերոսաբար կռուեցան անարգ թշնամիին դէմ։ Սերոբ, զաւակը եւ երկու եղբայրները սպաննուեցան. ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ նաեւ Սօսէ։ Պշարէ Խալիլ եւ իր զինուորները կտրեցին արդէն սպաննուած Սերոբի գլուխը, բայց թուրք հրամանատարը թոյլ չտուաւ, որ ձեռք տան Սօսէին։ Վիրաւոր Սօսէն նախ ապաքինումի տարուեցաւ եւ ապա բանտ նետուեցաւ, բայց կարճ ժամանակ ետք ազատ արձակուեցաւ։ Իսկ փոքր զաւակը տարին քիւրտերը եւ այլեւս չգտնուեցաւ անոր հետքը։

Վերջ գտաւ Սօսէի ֆետայական գործունէութեան շրջանը եւ սկսաւ աստանդական կեանքի ժամանակը, որ եղաւ տխուր, դառն ու դաժան պատմութիւնը հայ դիւցազնուհիին։

Աւելի քան յիսուն տարի, Սօսէ Մայրիկ անվհատ վկան ու շրջուն քարոզիչը եղաւ Աղբիւր Սերոբի հերոսական աւանդին ու հայ ազգային-ազատագրական յաղթաշունչ երթին։ Գնաց հոն, ուր Դաշնակցութիւնը զինք կանչեց։ Եւ ամէնուր ցմրուր ճաշակեց մեր ժողովուրդին բաժին հանուած տառապանքներն ու հալածանքները՝ դիմադրական կորով ներշնչելով իր շրջապատին։

Սոսե Մայրիկի դիմաքանդակը Ջերմուկում

Առաջին Աշխարհամարտի բռնկման ժամանակ Սօսէ Մայրիկ կը գտնուէր Վան, ուր մասնակից դարձաւ ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտին, ինչպէս եւ դէպի Արեւմտահայաստանի խորերը Հայ Կամաւորական Գունդերու յառաջխաղացքին։ Բայց երբ վրայ հասաւ ռուսական զօրքերու նահանջը Արեւմտահայաստանի ազատագրուած շրջաններէն, Վասպուրականի եւ Սասունի գաղթական հայութեան հետ Սօսէ Մայրիկ ինք եւս անցաւ Երեւան, ուր մնաց մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումը։

Դաշնակցական գործիչներու դէմ մոլեգնած պոլշեւիկեան հալածանքներուն հետեւանքով՝ Սօսէ Մայրիկ անցաւ Պոլիս, ուր շատ կարճատեւ եղաւ իր կեցութիւնը։ Քեմալական վտանգին դէմ յանդիման՝ Սօսէ Մայրիկին թելադրուեցաւ երթալ Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, ուր ան աւելի քան քառորդ դար շարունակեց ծառայել իր պաշտած ժողովուրդին՝ հայ ազգային-ազատագրական պայքարի դրօշակիր Դաշնակցութեան ճամբով։

Աղեքսանդրիա իր կեցութեան ամբողջ շրջանին, Սօսէ Մայրիկ ապրեցաւ Հայկ Խանամիրեանի ընտանիքին հետ եւ ամբողջ գաղութին կողմէ արժանացաւ գաղափարական մօր մը վայել յարգանքի ու սիրոյ։։

Տարագիր իր կեանքը Սօսէ Մայրիկ լեցուց Երկրի կարօտով ու անխոնջ վկայութեամբը հերոսական այն պայքարին, որ կապուեցաւ իր կեանքը Սասնոյ լեռներուն վրայ, Տարօնի Առիւծին կողքին։

Իր մահէն 45 տարի ետք, 1998ին, Հայաստանի Հանրապետութեան 80ամեակին առիթով, Սօսէ Մայրիկի աճիւնները տեղափոխուեցան հայրենիք, ուր իրենց վերջնական հանգիստը գտան Եռաբլուրի մէջ։

Յեղափոխական հայու եւ դաշնակցական ֆետայիի կանացի ու մայրակա՛ն այս անզուգական դէմքին՝ Սօսէ Մայրիկի մահուան վասունամեակին նուիրուած այս վկայութիւնը կþարժէ պսակել Անուշ Գրիգորեանի քերթուածին բանաստեղծական բառերով.-

«Հաւատքն իր հոգում՝ զարկեց, զարկըւաւ հերոս հայուհին,
«Մեր հայրենիքի սուրբ ազատութեան արիւնոտ ճամբին,
«Կռռւելով անցաւ չքնաղ ու սիրուն Սօսէ ֆետային…»

 

Նոր Գործելադաշտ Մը ՀՅԴ-ին Համար

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

31 յունուար 2018-ին Դաշնակցութեան հայաստանեան կազմակերպութեան կեանքին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր դէպք մը, որ կոչուած է նոր էջ մը բանալու հայկական աշխատաւորական շարժման պատմութեան մէջ, էջ մը, որ վերակենդանացման եւ վերաթարմացման կրնայ ենթարկել ՀՅԴ-ի ընկերային ուղեգիծը: Յիշեալ թուականին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամը ստեղծեց «Աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակ»-ը` նեցուկ կանգնելու համար հայաստանաբնակ աշխատաւորներու արժանապատուութեան:

Նորաստեղծ գրասենեակը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ ինք եկած է` տրամադրելու աշխատանքային հիմնական իրաւունքներու մասին իրազեկում, աշխատողներու աշխատանքային վէճերու դէպքերուն ընթացքին դատական հայցերու պատրաստութիւն, աշխատողներու համար փաստաբանական անվճար ծառայութիւն` աշխատանքային վէճերու գծով (չվճարուած աշխատավարձ, աշխատանքէ անօրինական ազատ կացուցում եւ այլն) ու զբաղուածութեան պետական ծառայութեան տարածքային կեդրոններ ուղղորդելու միջոցով աշխատանքային ու մասնագիտական կողմնորոշում եւ այլն:

Պէտք է ըսել, որ «Աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակ»-ի ստեղծումը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք առաջին փորձը կը նկատուի քաղաքական առաջնահերթութեան օրակարգերուն մէջ մտցնելու աշխատաւորներու իրաւունքներուն հարցը, որ իր մեծ կարեւորութիւնը ունի Հայաստանի համար, եւ այդ փորձը կատարեց աշխատաւորներուն հին ընկերը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը հարուստ ժառանգութիւն ունի անցեալ դարու սկզբնաւորութեան կազմակերպելու արհեստակցական միութիւններ` կովկասեան հայահոծ քաղաքներուն մէջ եւ առաջնորդելով հայ աշխատաւորական շարժումը շրջանին մէջ տեղի ունեցած ամէնէն կարեւոր երկու դէպքերուն` առաջին` 1905-ի, իսկ երկրորդ` 1917-ի (Փետրուարեան յեղափոխութիւն) յեղափոխութիւններուն ընթացքին, ապա առաջին անկախութեան ժամանակաշրջանին Դաշնակցութիւնը մաս կազմեց հանրապետութեան կերտման` նաեւ ժողովրդավարութեան ու ընկերային արդարութեան արժէքներուն ամրապնդման միջոցով: «Աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակ»-ի ստեղծումը առաջին քայլը կը հանդիսանայ վերանկախացած հայրենիքին մէջ` ամրացնելու ՀՅԴ-ի եւ աշխատաւոր ժողովուրդին միջեւ կապը:

Անշուշտ ՀՅԴ-ի ընելիքը «Աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակ»-ի ստեղծումով չի վերջանար, այլ հոն կը սկսի` վերակազմակերպելու հայկական աշխատաւորական շարժումը, հետագային հիմնելով արհեստակցական, գիւղացիական եւ համագործակցական միութիւններ, ապա ընդլայնելով անոնց ցանցերը մինչեւ Արցախ եւ սփիւռք: ՀՅԴ-էն մեծ ակնկալութիւններ կան աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Ան աշխատանքի շուկային մէջ պէտք է ըլլայ աշխատաւորներու կազմակերպիչ ուժը եւ պայքարողը` յանուն աշխատաւորներու միութենականացման, աշխատավարձերու բարձրացման, ընկերային ապահովագրութեան եւ արժանապատիւ թոշակի ապահովումին: Այսպիսով, ՀՅԴ-ն իր ծրագիրի ընկերային եւ տնտեսական պահանջները տեսականէն գործնականի վերածելու վրայ պէտք է աշխատի: Օ՛ն, ուրեմն, աշխատաւոր դասակարգի եւ ընկերային ու տնտեսական արդարութեան համար պայքարին մաս կազմելու:

 

 

Դիմաւորել 100-ամեակը-5. Ոգեկոչումը Կ՛ունենա՞յ Միասնութեան Խորքային Եւ Ոգեկան Ներուժ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Աղմուկ-հրավառութիւնները եւ մարդորսական յարդի բոցերը պէտք չէ մոռցնեն հայրենիքին եւ ազգին ինքնուրոյն բովանդակութիւն եւ դէմք տուող հարցերը, որոնք ֆրանսացին կ՛ընեն ֆրանսացի, արաբը` արաբ, յոյնը` յոյն, ճափոնցին` ճափոնցի, եւ հայը` հայ:

Այդ հարցերը, բոլորի պարագային, ընդհանուր բնորոշումով, մշակութային են, հետաքրքրասիրութիւն-լուսանկար-մշակութասիրութենէ տարբեր որակ ունին, պէտք է ունենան. անոնք կու գան դարերու խորքէն, կը կրկնուին, կը ներշնչեն, ինչպէս պատմութիւն խտացուցած առասպելները, որոնց մէջ ժողովուրդները կը հաղորդուին նախահայրերով եւ իրենք զիրենք կը տեսնեն: Այդպէս են ֆրանսացիներու Վերժեթորիքսը, Վիքթոր Հիւկոյի Դարերու Առասպելը բանաստեղծութիւններուն մէջ երեւցող Ռոլանը եւ էմէրիյոն, մեր հուր հեր ունեցող Վահագնը, Սասունցի Դաւիթը, որոնց մէջ հայը կը սիրէ ինքզինք տեսնել, անկումներէն դուրս գալու համար:

Մշակութային ժառանգութիւն, որ ո՛չ միայն կը պառկի թանգարաններու կամ մատենադարաններու մէջ, այլ նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ, որպէսզի պահենք, պահուի մեր ինքնուրոյնութիւնը. բերդեր, հնութիւններ, կոթողներ, մատեաններ: Բայց պարզագոյն ողջախոհութիւնը կ՛ըսէ, որ մեր ինքնուրոյն դէմքը պահած է եւ դեռ կը պահէ մեզ միացնող լեզուն: Ան մեզի հետ փոխադրուող անզանցառելի վահանն է, երբ խորշակներ անցած են, երբ տիրապետուած ենք, երբ տարտղնուած ենք: Մենք մեզ հարազատութեամբ զգալու համար ամեակներու մէջ, պատմութեան այս կամ այն դրուագի ամեակը երբ կը տօնախմբենք, յիշատակներու հետ երբ պիտի խօսինք եւ անոնցմով պիտի հպարտանանք, ըսելու համար, որ կանք, պիտի խորհի՞նք, թէ ո՞ր կամ ինչպիսի դէմքով եւ հարազատութեամբ կանք որպէս շարունակութիւն:

Անկախ Հանրապետութիւնը (հարիւրամեակ), որպէս ազգի այսօրուան եւ վաղուան իրականութիւն, տոկայ եւ տեւէ, պիտի ամրացնէ իր ինքնուրոյնութեան դէմքը, որ ազգային լեզուն է: Այդ ամրացման համար համազգային եւ հեռանկարային վերաբերում պէտք է ունենալ, արմատներուն հաւատարմութեամբ, տոկալու եւ տեւելու կամքով, առանց իմաստութիւն համարուող պատշաճեցումներու, որոնք նահանջ են եւ կ՛առաջնորդեն պատմութեան բեմէն անհետացման: Ո՞վ չի գիտեր, որ հայ համարուած անորոշ եւ տարտղնուած զանգուածներուն համար պէտք է անվարան ըսել, թէ Հայաստանի եւ սփիւռքի(ներ) մէջ հայոց ազգային լեզուն դադրած է առաջնահերթութիւն ըլլալէ, մեր ապիկարութեամբ: Լեզուի կորուստով ինքնութիւնը կը կորսուի, ծնունդ կ՛առնեն նոր ինքնութիւններ, որոնք ժամանակ մը հայկական հետաքրքրութիւններ կ՛ունենան:

Բազմաթիւ ժողովներէ, գիտաժողովներէ, ուսումնասիրութիւններէ ետք կրնա՞նք ըսել, թէ հայ ազգ ընդհանոր բնորոշման տակ ընդունուող խմբաւորումներու ո՞ր տոկոսը ազգային ինքնութիւն կը պահէ լեզուով եւ մշակոյթով, հարազատ շարունակութիւն ըլլալով: Հարիւրամեակը պիտի յատկանշուի՞ ազգային լեզուի եւ մշակոյթի տիրութեան քաղաքականութեան մը մշակումով, որպէսզի ըսենք, թէ դար մը կամ երկու դար ետք պիտի տոկանք եւ տեւենք մեր ինքնութեամբ: Ինչպէս յաճախ ըսած եմ, որ եթէ բոլոր հայերը օր մը դառնան սփիւռք, Հայաստանը դատարկուի, հոն մարդիկ պիտի բնակին, թերեւս երկիրն ալ շարունակէ կոչուիլ Հայաստան, որպէս աշխարհագրական բացատրութիւն, ան հայու հայրենիք պիտի չըլլայ, հոն հայ ազգ պիտի չմնայ: Սփիւռք(ներ)ը ազգ չէ, գաղթականութիւն է կամ համայնք, որ վաղ թէ ուշ պիտի կորսնցնէ լեզուն, քանի որ այդ լեզուն դատապարտուած պիտի ըլլայ կեանքի լեզու չըլլալու: Հայերէնը կեանքի լեզու կրնայ ըլլալ միայն Հայաստանի մէջ: Թէեւ սփիւռքները, սիզիֆեան յամառութեամբ, այդ ճիգը պէտք է ընեն` սպասելով միացումները:

Հարիւրամեակի մեծ տօնին առիթով, ղեկավարութիւնները պիտի ուզե՞ն եւ պիտի կարենա՞ն պատմութեան չար արկածներուն իբրեւ հետեւանք նաեւ մեր հատուած լեզուն վերականգնել, որպէսզի յաղթահարուին նաեւ մեր անցեալը եւ մեզ իրարմէ հեռացնող փշաթելերը: Երկու խնդիր ունինք լուծելիք, որպէսզի Անկախութեան Տօնը իմաստաւորուի հարազատութեամբ. վերականգնել ուղղագրութիւնը եւ զտել լեզուն օտարացման հետեւող այլասերումէ:

Երկու պարագաներուն ալ ազգային եւ ոչ-փերեզակային (պազարային) վերաբերում պէտք է ունենալ: Լեզուն շապիկ կամ տաբատ չէ, որ մկրատով պատշաճեցուի իւրաքանչիւրին: Ան կանոնագրուած է օրէնքով եւ պատմական արմատներ ունեցող փորձով: Մեր ձեռագիրներէն մինչեւ այսօր տեւած-ժառանգուած բառերուն տեսքը եւ ուղղագրութիւնը հարկ է վերականգնել, եւ այդ ալ համարել ազգային գաղափարախօսութեան հիմնաքարերէն մին, գիտնալով հանդերձ, որ դժուարութիւններու պիտի հանդիպինք, սերունդներու տեսածին եւ սորվածին, տպագրուած հսկայական ժառանգութեան պիտի բախինք: Այս պիտի ըլլայ նաեւ մեր վերականգնումի յեղափոխութեան մէկ կարեւոր իրադարձութիւնը` մենք մեզի դէմ յաղթանակ տանելով: Ֆրանսացին կամ գերմանացին, ըստ անհատներու կամ քաղաքական իշխանութիւններու նախասիրութիւններու, լեզու չէ փոխած, չի փոխեր: Ազգային վերականգնումի ընդհանուր ծիրին մէջ, ուղղագրութեան հարազատութեան վերադարձը պէտք է համարել հիմնական առաջադրանք, անցեալի, այսօրուան եւ վաղուան միասնութեան համար:

Հարկ է վերականգնել լեզուն, մեկնելով ազգային գիտակցութեան այն հզօր յանդգնութենէն, որ հայերէնը հարուստ լեզու է, ունի բոլոր տուեալները արդիական լեզու դառնալու, միաժամանակ ընդունելով, որ հայերէնը այս կամ այն լեզուին պէտք չունի ինքզինք լրացնելու համար, մերժելով այն տնանկի հոգեբանութիւնը, որ հարստացման համար մուրացածոյ բառերու եւ ասութիւններու կարիք ունինք:

Հայաստանի վերանկախացման տարիներուն, երբ դեռ երկիրը կը տքար ահեղ երկրաշարժի բեռան տակ, Երեւան կային կրպակներ, որոնց վրայ կը կարդայինք քոմփիւթըր: Քանի մը տարի վերջ յուզումով կարդացի, որ այդ բառը փոխարինուած էր համակարգիչով, ինչպէս որ փոխարինուեցան պրեզիտենդը, պարլամենտը, եղան նախագահ եւ ազգային ժողով, բայց հազարաւոր օտար բառեր դեռ կը տեւեն, կարծէք վերջնական կերպով սիթըզըն եղած են: Բառերու եւ եզրերու հայացումը եւս պէտք է արձանագրել ազգային քաղաքականութեան հետեւելիք օրակարգին վրայ: Ոչ ոք կը զարմանայ, կարդալով մեծ պաստառ մը, որուն վրայ գրուած կ՛ըլլայ բորսա, երբ քանի մը անգամ կրկնելով կը սորվինք սակարանը:

Այս խնդիրները, իրենց կարգին, արժանի չե՞ն նախագահական, պետական, կառավարական յանձնաժողովի մը, ուրիշներու շարքին, մեկնելով ապագայի տեսիլքէ, եւ ոչ անմիջական ներկայի մէջ դիրքերու պաշտպանութենէ, կամ ամբոխային ծուլութեան բաւարարութիւն տալէ, որ դժուար կը գտնէ փոփոխութիւնը, կամ նիւթապէս ծախսալից եւ անկարելի:

Գիտենք, որ աշխարհի մէջ, լեզուագէտներու եւ պատմաբաններու կողմէ եբրայերէնը դասուած էր մեռեալ լեզուներու շարքը: Ի՞նչ է պատկերը այսօր. եբրայերէնը հռչակուած է պետական լեզու: Երեւակայեցէ՛ք, որ մեր գրաբարին մասին խօսուի որպէս պետական լեզուի… Անոր համար պայքարող տասը հոգի անգամ կարելի չ՛ըլլար գտնել:

Երբեք բաւարար չափով չենք ընդգծեր, որ հոլովուած եւ ցանկացուած միասնութեան համար անշրջանցելի ազդակ է հայերէնը: Հայ ազգը Բաբելոնի Աշտարակի համայնք չէ: Հայերէնը երբ կը դադրի ազգի անդամներուն միջեւ հաղորդակցական լեզու ըլլալէ, կը կորսուի ոգեկանութիւնը, քանի որ կը խորթանանք հայ գրականութեան, հայ բանաստեղծութեան, հայ երգին եւ հայերէն աղօթքին նկատմամբ: Հաւաքականութիւնները կը դադրին զիրար գտնելէ հայերէն բառով, գիրով եւ խօսքով փոխանցուած-փոխանցուելիք ժառանգութեան ոլորտին մէջ, այսինքն` հասարակաց ինքնութիւն չենք ունենար: Եթէ ազգի գրականութիւնը ազգի հոգեխառնութիւն է, տաղանդի արտայայտութիւն, առանց լեզուի անհաղորդ պիտի մնանք, հետեւաբար միասնութիւնը` պակասաւոր: Պարզ չէ՞, որ ազգի անդամները իրարու հետ հաղորդակցութեան մէջ կ՛ըլլան, հիները եւ նորերը, իրենց իմացական արտայայտութիւններու ժառանգութեամբ:

Ֆրանսացիին, անգլիացիին, չինացիին կարդացէք Նարեկ, Թէքէեան, Չարենց, Մուշեղ Իշխան: Պիտի սիրեն թերեւս գեղեցիկ խօսքը: Ոչ քարայր եկեղեցին, ոչ լեզու-տունը եւ ոչ ալ հայ տան սեւցած պատերը պիտի խօսին իրենց: Հայկական լիարժէք միասնութիւնը կ՛ապրուի հայերէնով: Օտարաբարբառ միասնութեան որոնումը կը նմանի վարձու սենեակի մէջ հանգչելու: Հետեւաբար լեզուի պահպանումը իր ինքնուրոյն ներքին հանճարով, գոյատեւման եւ միասնութեան ազդակ է: Այս ազգային իսկական իմաստութիւն է, զոր հարկ է փոխանցել իւրաքանչիւր հայու, Քամչաթքայէն Էյֆէլի աշտարակ: Մեր ազգային ցանկութիւնները եւ երազները բան մը կը կորսնցնեն իրենց ոգեկանութենէն, երբ կը բացակայի լեզուն, կը սկսինք ուրիշի պարտէզներէն քաղել գաղափարները:

Այս մտածումները չեն միտիր բարոյախօսութիւն ընելու, այլ ճամբայ հարթելու եւ գօտեպնդուելու վերականգնումի մնայուն պայքարին համար, որպէսզի հայը տէր դառնայ իր իրաւունքին, հողին, ինքնութեան եւ ճակատագրին:

Այս պայքարը կը մղուի հաւաքական ճիգով, բայց նաեւ անհատական հաւատարմութեամբ` անշրջանցելի հայերէնով եւ անով հասած ժառանգութեամբ:

Անկախութիւնը քաղաքական եւ գիտակցական յանձնառութիւն է, որ երբ հետեւողական է, ինքզինք պիտի լրացնէ լեզուամշակութային անկախութեամբ, այլապէս կը կորսուի հոգեկան միջուկը, ազգը կը դառնայ ամբոխ:

6 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Կոնդակը` Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Մայիսեան Հերոսամարտի 100-ամեակին Նուիրուած

$
0
0

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը` նուիրուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին:

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ,
ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՄԲՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԿԱՄՕՔՆ ԱԶԳԻՍ
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ, ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՄԱԶԳԱԿԱՆ ՆԱԽԱՄԵԾԱՐ ԱԹՈՌՈՅ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ
ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԲՈՅ ԿԱԹՈՒՂԻԿԷ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՔՐԻՍՏՈՍԱՒԱՆԴ ՍԻՐՈՅ ՈՂՋՈՅՆ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ, ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՅՈՑ ՍՐԲՈՅ ԵՐՈՒՍԱՂԻՄԱՅ ԵՒ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ, ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ, ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ, ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ, ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ԵՒ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ, ԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՑ, ԹԵՄԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴՈՑ ԵՒ ՊԱՇՏՕՆԷԻՑ ԵՒ ՍԻՐԵՑԵԱԼ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ԺՈՂՈՎՐԴԵԱՆ ՀԱՅՈՑ

 «Եւ այս է յաղթութիւնն` որ յաղթէ աշխարհի, հաւատքն մեր»
(Ա. Յովհ. Ե. 4):

Գոհութիւն եւ փառք ենք մատուցում Աստծուն, որ Հայաստանում եւ Արցախում վերականգնուած պետականութեամբ եւ ի սփիւռս աշխարհի ազգային կեանքի ձեռքբերումներով է մեր ժողովուրդը դիմաւորում 100-ամեակը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերի: Նշանակալի այս իրադարձութիւնների մէկդարեայ յոբելեանի առիթով Հայրապետական մեր խօսքն ենք ուղղում սիրեցեալ մեր ժողովրդին` բարձրաձայնելով առաքելաւանդ պատգամը. «Եւ այս է յաղթութիւնը, որ յաղթում է աշխարհին` մեր հաւատքը»:

Մէկ դար առաջ մեր ժողովուրդը յայտնուել էր կեանքի եւ մահուան սահմանագծին: Օսմանեան Թուրքիան` օգտուելով Առաջին Համաշխարհային պատերազմի խառնաշփոթ իրավիճակից, իրագործում էր Ցեղասպանութեան իր հայաջինջ ծրագիրը: Արեւմտեան Հայաստանը եւ հայկական բնակավայրերը Թուրքիայում աւերակուել ու հայաթափուել էին, թուրքական զօրքերը ներխուժել էին նաեւ Արեւելեան Հայաստան` սպառնալով մեր ժողովրդի գոյութեանը:

Այդ օրհասական պահին յոյսն առ Աստուած` միահամուռ կամքով մեր ժողովուրդը Սարդարապատում, Ապարանում եւ Ղարաքիլիսայում ճակատ կազմեց թշնամու դէմ: Համախմբուելու խրախոյս ու քաջալերութիւն դարձաւ Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի կոչը` ժողովրդի սրտում առաջ բերելով յաղթանակելու ոգի եւ փակելով խուճապի ու նահանջի ուղին: Ետեւում մեր հայրենիքի փոքրիկ մի մասունքն էր, ետեւում Քրիստոսահաստատ Սուրբ Էջմիածինն էր` մեր հաւատքի օրրանն ու ինքնութեան պատուարը: Հայոց հայրապետը մերժեց հեռանալ Սուրբ Էջմիածնից եւ քաջաշունչ պատգամով մարտի կոչեց ժողովրդին` ասելով. «Ես միշտ էլ հաւատացել եմ իմ ժողովրդի ոգուն: Ես գիտեմ նրա անցած ճանապարհի դառնութիւնները: Ես համոզուած եմ նաեւ, որ ազգն իմ հայոց անարգ թշնամուն դեռ չի ասել իր վերջին խօսքը: Եւ խօսքն այդ պիտի լինի յաղթական»:

Մէկ ամբողջութիւն, մէկ կամք ու հոգի դարձած մեր ժողովուրդը ոտքի կանգնեց փրկելու հայրենիքը, իր կեանքը, իր սրբութիւնները, պաշտպանելու հայրենի հողում ազատ ապրելու իր իրաւունքը: Սրբոց Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց օրինակով Աւարայրի ոգին բոցավառուեց մայիսեան մարտերում: Յաղթանակը ձեռք բերուեց արիութեան ու հերոսութեան շնորհիւ հայկական փոքրաթիւ զօրամիաւորումների ու զօրահրամանատարների եւ նրանց շարքերը լրացրած հոգեւորականների ու աշխարհազօրայինների: Թուրքական զօրքերի առաջխաղացումը կանգնեցուեց եւ ետ մղուեց: Աւերումից ու կոտորածից փրկուեց Արեւելեան Հայաստանը, եւ հինգ եւ կէս դարերի երկարատեւ դադարից յետոյ վերականգնուեց հայկական պետականութիւնը: Եղեռնահար մեր ժողովուրդը վկայեց վեր յառնելու իր զօրութիւնը, իր հոգու կենսունակութիւնը եւ ուժը հաւատքի` նեղութիւնների, ցաւ ու տառապանքի մէջ յաղթանակ կերտելով: Առ Աստուած հաւատքի, հայրենասիրութեան ու նուիրումի հերոսական ոգին միաւորեց ու պաշտպանեց մեր ժողովրդին, որ գերագոյն ճիգով հայոց պետականութեան հովանու ներքոյ հայրենիքում ու սփիւռքում բարձրացրեց իր կեանքը եւ քայլեց վերելքի ուղիով:

Այսօր, սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, 100-ամեայ յոբելեանը հրաւէր է մեզ` նուիրուած մնալու ազգային զարթօնքի մեր իղձերին, հրաւէր` մեր հայրենի պետականութիւնը ամուր պահելու եւ հայրենիքով համախմբուած մնալու: Նշանակալի այս յոբելեանը նաեւ մի նոր հանգրուան է հաւատաւոր ոգով ու նուիրեալ գործերով շէնացնելու, զօրացնելու մեր երկիրն ու ազգային կեանքը, շարունակելու հետեւողական ջանքերը յանուն Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման, մեր բանակի հզօրացման, որպէսզի խաղաղութիւնը անվրդով լինի մեր հայրենեաց սահմաններում: 100-ամեայ յոբելեանը պատգամն է բերում համազգային միասնութեան, հայրենիք-սփիւռք կապերի արդիւնաւորման, մեր Եկեղեցու անդաստանում եւս միասնականութեան վերահաստատման:

Սիրեցեա՛լ հաւատաւոր ժողովուրդ մեր, իւրաքանչիւրս մեր ծառայութեան մէջ, մեր կեանքի ընթացքներում միշտ առաջնորդուելով քրիստոնէական մեր հաւատքին, ազգին ու հայրենիքին զինուորագրութեան գիտակցութեամբ` պիտի կարողանանք զերծ մնալ կորուստներից եւ քայլենք յաղթանակից յաղթանակ: Պետականութիւնը ազգի կազմակերպման հիմքն է, առաջընթացի ուղի, իր արժէքներով ապրելու, իր հոգեւոր ներուժը դրսեւորելու յենարան, իր ձգտումներն իրագործելու եւ իրաւունքները պաշտպանելու պատուար ու ազգի յարատեւութեան գրաւական: Չմոռանանք մեր կրած զոհողութիւններն ու տառապանքները եւ միմեանց աջակից` կառուցենք բարօրութեամբ եւ խնդութեամբ լեցուն վաղուայ մեր օրը: Յիշենք մեր եկեղեցուն ու հայրենիքին իրենց կեանքը նուիրած մեր հայրերին եւ հաւատքի ու հայրենեաց սիրոյ մէջ ինքներս մեզ գերազանցենք, որպէսզի այսօր նոյնպէս մեր ազգային եւ հայրենական կեանքի առջեւ ծառացած դժուարութիւններին ու խնդիրներին տրուող մեր վճիռները եւ մեր երկրի խաղաղութեանը սպառնացող վտանգներին տրուող մեր պատասխանները լինեն յաղթական: Անվարան մեր հաւատքն ու հայրենեաց սէրը թող մեզ առաջնորդեն իրականութիւն դարձնելու Արարատի փէշերին միասնական մեր հայրենիքի եւ մեր Սուրբ եկեղեցու ու ազգային զարթօնքի տեսիլքները: «Եւ այս է յաղթութիւնը, որ յաղթում է…, մեր հաւատքը»:

Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնից` համայն հայութեան նուիրական սրբօրրանից Հայրապետական մեր պատգամն ենք բերում սիրեցեալ մեր ժողովրդին, մեր եկեղեցու թեմական, համայնքային մարմիններին, ազգային, գիտական, կրթական, մշակութային կառոյցներին` զանազան միջոցառումներով տօնախմբելու յոբելեանական տարեդարձը` դարձնելով հայրենասիրութեան ոգու, քաղաքացիական գիտակցութեան ու պարտքի արթնութեան, ազգի ու եկեղեցու միասնականութեան ուժ ու զօրութիւն, նորոգութիւն հաւատքի եւ քաջալերութիւն հայրենաշէն ու ազգաշէն գործերի:

Աղօթում ենք, որ Քրիստոս մեր Տէրը պահպանի մեր ժողովրդին մաքուր հաւատքով եւ օրհնի ազգիս ջանքերը ի սէր մեր նուիրական հայրենիքի զօրացման, մեր Սուրբ եկեղեցու պայծառութեան եւ մեր բարօր, լուսաւոր ու երջանիկ գալիքի: Թող Բարձրեալի օրհնութեան եւ շնորհների ներքոյ մեր երկիրը եւ ժողովուրդը, աշխարհը համայն ապրեն խաղաղութեան մէջ` այսօր եւ միշտ. ամէն:

Օրհնութեամբ`

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

Տուաւ Կոնդակս յ 8-ն յունուարի,
յամի Տեառն 2018 եւ ի թուին հայոց ՌՆԿԷ
ի մայրավանս Սրբոյ Էջմիածնի
ընդ համարաւ 1024

 

 


«Ընկեր Եափուճեանը Իր Դրոշմը Դրած Է Մեր Սերունդի Հասարակական Գործունէութեան Վրայ»

$
0
0

Կը հրատարակենք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ Յակոբ Հաւաթեանի դամբանականը

Ուրբաթ, 26 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին ստացայ ընկեր Յակոբի հեռաձայնը: Ան քիչ մը յոգնած ու մտահոգ ձայնով յայտնեց, որ անհանգիստ է եւ հաւանաբար չկարենայ ներկայ գտնուիլ միջընկերական զեկուցական հաւաքին եւ խնդրեց, որ այս մասին հաղորդեմ օրուան զեկուցաբեր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Հրանդ Մարգարեանին: Ան յայտնեց, որ ընթացիկ բժշկական քննութիւններու միջոցով արեան մէջ կարգ մը խախտումներ նկատուած են, հետեւաբար բժիշկը անհրաժեշտ նկատած է կատարելու յաւելեալ քննութիւններ:

Երկու օր ետք մուտք կը գործէր հիւանդանոց եւ արդէն անողոք հիւանդութիւնը կայծակնային արագութեամբ, քանի մը օրուան ընթացքին զայն կը գամէր մահուան անկողինին: Եւ նկարագրով գերազանցօրէն բծախնդիր մեր ընկերը, որ առողջ կեանքի կենսակերպ մը որդեգրելով` միշտ ուշադիր կ՛ըլլար իր առողջութեան կապուած բոլոր մանրամասնութիւններուն, ահաւասիկ ի յայտ կու գար, որ անողոք հիւանդութիւնը գաղտագողի ու դաւադրաբար երկար ժամանակէ ի վեր բոյն դրած է իր մարմնին մէջ: Ընկեր Եափուճեան կը մեկնէր վաղահաս` խոր սուգի մատնելով Դաշնակցութեան եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքները:

Դաշնակցական իր մկրտութիւնը ստացած էր Զաւարեան աշակերտական եւ ապա ուսանողական միութիւններու մէջ: Բեղուն գործունէութիւն ծաւալած` Զաւարեան ուսանողական միութեան մէջ, եղած է «Աղբալեան» նորաստեղծ կոմիտէութեան առաջին անդամներէն, ինչպէս նաեւ դերակատարութիւն ստանձնած` ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան հիմնադրութեան եւ անոր առաջին Կեդրոնական վարչութեան մէջ: 1979-ին մաս կազմած է Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ, այնուհետեւ, տարբեր փուլերու ստանձնած է այս պատասխանատու պաշտօնը: Անշուշտ ընկերոջ հասարակական գործունէութեան մէջ շուրջ 50 տարիներ Համազգայինը նաեւ եղած է հասարակական կեանքի գործադաշտ, ու 1994-էն ետք իրերայաջորդ երկու շրջաններ վարած է նաեւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պարտականութիւնը: 1977-ին, եւ` 18 տարիներ անընդմէջ, ընկեր Եափուճեան նաեւ մաս կազմած է ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի գրասենեակին եւ վարած` ելեւմտական գործառնութիւններու հսկողութիւնը: Մասնագիտութեամբ հաշուապահ, սակայն հետաքրքրութեամբ ու աշխարհայեացքով` Դաշնակցութեան գաղափարական լայն հորիզոնը ընկալած եւ ընթերցանութեամբ ու ղեկավար մտաւորականութեան հետ իր կենդանի ու մնայուն կապով  ձեռք բերած է մտաւորական աշխատանքի ունակութիւն: Յակոբ Եափուճեանի կուսակցական գործունէութեան մեկնակէտը կը զուգադիպի հայութեան ու յատկապէս Դաշնակցութեան պատմութեան դարձակէտային մէկ հանգրուանին, երբ Հայ դատի պահանջատիրական շարժումը կը ստանար աւելի ուրոյն նկարագիր ու այդ քաղաքական, գաղափարական ու մարտական քուրային մէջ կը համակէր օրուան երիտասարդութիւնը եւ զայն կը դարձնէր աւելի յանձնառու, պատասխանատու ու գաղափարապաշտ: Ասոր զուգահեռ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կը մղէր այդ սերունդը բարձր պատասխանատուութեամբ մշակելու ու իրականացնելու հայ համայնքի անվտանգութեան ու գոյատեւման համապատասխան ծրագիրը, երբ համատարած աւերն ու անկայունութիւնը կը սպառնային գաղութի կենսունակութեան ու գոյութեան: Աւելի՛ն. ընկեր Եափուճեան Կեդրոնական կոմիտէի պարտականութիւնը կը ստանձնէր 1984-86 ժամանակահատուածին, երբ հակադաշնակցական ու թշնամի թուրք պետութեան կողմէ ի գործ դրուած հակահայ պայքարը այդ հանգրուանին կը խլէր  մեզմէ նոյն սերունդին պատկանող կարեւոր ընտրանի մը: Քաղաքացիական պատերազմի աւարտին նաեւ ընկեր Եափուճեան կը ստանձնէր Կեդրոնական կոմիտէի պարտականութիւն: Այլ խօսքով, աւելի քան քառասուն տարիներ Դաշնակցութիւնը իր մաքառումներով, նուաճումներով եւ իր դիմագրաւած մարտահրաւէրներով ոչ մէկ ատեն անմասն մնացած անոր կեանքի երթին մէջ:

Ընթացիկ կեանքի մէջ բծախնդիր մեր ընկերը միշտ ալ գերազանց նախանձախնդրութեամբ ու ամբողջական լրջութեամբ կը մօտենար բոլոր հարցերուն: Կը հետեւէր անցուդարձերուն եւ կը փորձէր միշտ սեփական կարծիք ձեւաւորել ու այդ կարծիքը յարգանքով ու անկեղծութեամբ կը դրսեւորէր: Լուրջ ու կենսունակ ժողովական էր նաեւ եւ յատուկ յարգանք կը տածէր Դաշնակցութեան բոլոր ժողովներուն եւ անոնց որոշումներուն նկատմամբ: Եթէ պատահէր, որ բանաւոր պատճառներով բացակայէր ժողովէ կամ հանդիպումէ մը, յաջորդ օրը կը ներկայանար ակումբ կամ կը դիմէր Կեդրոնական կոմիտէին` իրազեկ դառնալու համար ժողովին ներկայացուած շրջաբերականներուն: Կրաւորականութիւնը, քինախնդրութիւնը,  անպատասխանատուութիւնը եւ կողմնակալ ու շահակցական մօտեցումը ոչ մէկ ատեն մաս կազմած են իր կուսակցական կենսագրութեան: Իր մտածումները կը բանաձեւէր ու կը դրսեւորէր քաջաբար ու համարձակ` յարգելով ժողովական կարգն ու կանոնը եւ մանաւանդ իր ու իր բոլոր ընկերներուն արժանապատուութիւնը, թէկուզ երբեմն իր խօսքերը ընկալուէին քիչ մը կծու ու յախուռն:

Մօտէն կը հետեւէր աշխարհաքաղաքական անցուդարձերուն եւ կատարեալին ձգտելու դաշնակցական իր սլացքն ու տեսադաշտը եւ առարկայական ու նաեւ գիտական հիմունքով քննարկումի ձեռք բերած տաղանդը արտօնութիւն կու տային իրեն քննադատելու երեւոյթները, կուսակցական աշխատանքի արդիւնքները եւ յամեցող կազմակերպական կացութիւնները, սակայն` առանց յետին նպատակներու ու յաւակնոտ դրսեւորումներու: Կը հաւատար դաշնակցական ընկերականութեան, մեծին ու փոքրին հետ կը սիրէր զրուցել ու քննարկել` յարգելով բոլորին տեսակէտները: Շատ յաճախ չէր սպասեր ժողովներու, եւ եթէ անհրաժեշտ զգար, անմիջապէս հեռաձայնով կամ անձամբ կ՛երթար իր մտահոգութիւնը յայտնելու կազմակերպական տուեալ մարզի պատասխանատուին: Կ՛ատէր անիմաստ, մաշեցնող եւ ճահճացման առաջնորդող ինքնանպատակ հաւաքներով յատկանշուող երեւոյթներու եւ կացութիւններու քննարկումը եւ կը թելադրէր այդ բոլորը փոխադրել ժողովական հարազատ միջավայր, հեռու` ամբոխային ու զուտ ենթակայական մօտեցումներէ:

Հարկ է հաստատել, որ ընկեր Յակոբ ու նաեւ, այս պարագային, իր սերնդակիցները միշտ ալ պահեցին ղեկավար զգալու ու իբրեւ այդպիսին հարցերուն մօտենալու պատասխանատու սկզբունքը եւ համոզումը, անկախ այն իրողութենէն, որ մարմինի անդամակցած ըլլային կամ ոչ: Դէպքերն ու կացութիւնները զիրենք պարտաւորեցուցին դառնալու աւելի լրջախոհ ու աւելի խստապահանջ: Այդ սերունդի ներկայացուցիչներէն անցնող հանգրուանին մենք կորսնցուցինք ընկեր Բենօ Թոնդեանը, Արա Տեմիրճեանը եւ քիչ մը կանուխ Սագօ Սարգիսեանը, եւ այսօր, ահաւասիկ, հրաժեշտ կու տանք մեր սիրելի ընկերոջ: Առողջ ու բնականոն սերնդափոխութիւնը այս սերունդին համար դարձաւ հիմնական մարտահրաւէր, որովհետեւ հայութեան ու Հայաստանի դիմաց բացուող նոր հորիզոնին դիմաց եւ յատկապէս Հայաստանի վերանկախացումով այս սերունդին վիճակուեցաւ նաեւ իր ճիշդ հունին մէջ դնելու ՀՅ Դաշնակցութեան «Դէպի Երկիր» կարգախօսը: Նոյն այս սերունդին վիճակուեցաւ Լիբանանի մէջ յետքաղաքացիական պատերազմի ղեկավարութեան ձեւաւորման եւ հաւաքական կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ երիտասարդ մարդուժը ներառելու պարտականութիւնը: Այս սերունդն էր նաեւ, որ քաղաքացիական պատերազմէն ետք պիտի փորձէր ժամանակի համահունչ նկարագիր տալ կոմիտէներու գործունէութեան:

Ահաւասիկ, տակաւին իր գործը չաւարտած, ընկեր Եափուճեան անժամանակ ձեւով մեզ կը զրկէր ընկերական իր ջերմ զրոյցներէն, վիճաբանութիւններէ, յօդուածներու քննարկումներէն: Կը զրկէր իր քաղցր ու համակող ժպիտէն, լայն յիշողութեամբ օժտուած հարուստ վկայութիւններէն ու տեղեկութիւններէն, որոնց յաւերժացման համար արդէն վերջերս ձեռնարկած էր յուշագրութիւններու շարքի մը պատրաստութեան, որոնք հետաքրքրութեամբ կը կարդացուէին երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս բոլորին կողմէ:

Սիրելի՛ ընկեր, տեսակէտներու պարզաբանման ու պաշտպանութեան համար մղած կռիւդ դաշնակցական նկարագիր ունէր եւ, աւելի՛ն, ունէիր քաջութիւնը եւ վեհանձնութիւնը` յաճախ խոստովանելու, որ այս կամ այն կէտին կամ կացութեան մէջ երբեմն սխալ արժեւորում կամ մօտեցում ցուցաբերած ես: Եղար անկեղծ դուն քեզի հետ, ապա` ընկերական միջավայրիդ ու յատկապէս Դաշնակցութեան հետ եւ այս իւրայատկութեանդ ճամբով արժանացար շրջապատիդ յարգանքին: Բոլորին իսկ վկայութեամբ, ո՛չ մէկ ատեն վազեցիր աթոռին ու պաշտօնին ետեւէն, այլ երկար պնդումներէ ու նաեւ ճնշումներէ ետք է միայն, որ յօժարեցար ստանձնելու պաշտօնը: Դաշնակցութիւնը քեզի համար մեծ կուսակցութիւն էր, եւ առանց վարանելու` կը փորձէիր զայն բաղդատել միջազգային մեծ ընկերվարական եւ այլ կուսակցութիւններու ու գաղափարական շարժումներու հետ:

Թոյլ տուէք ըսելու,  որ ընկեր Յակոբ Եափուճեանին հետ իմ ծանօթութիւնս եւ ընկերութիւնս  կ՛երկարի աւելի քան  25 տարիներ: 25 տարիներու ընթացքին, կրնամ վկայել, բազմիցս վիճած, երբեմն նոյնիսկ հակոտնեայ համոզումներու եւ կեցուածքներու մէջ գտնուած ենք, այսուհանդերձ դաշնակցական անկեղծ ընկերոջ բոլոր սկզբունքները լիակատար յարգելով` զիրար փնտռած ենք ամէն օր: Այս առիթով, դառնալով քիչ մը նաեւ ներանձնական, կու գամ անվարան հաստատելու, որ ընկեր Եափուճեանը, ի շարս այլ քանի մը ղեկավար դաստիարակներու, իր դրոշմը դրած է մեր սերունդի հասարակական գործունէութեան վրայ, որովհետեւ օրին վստահած էր մեզի տարբեր պարտականութիւններ եւ բծախնդրօրէն ու պահանջատէր մօտեցումով հետեւած` այդ աշխատանքներու գործադրութեան:

Սիրելի՛ ընկեր, կը մնանք երախտապարտ` աշխատանքիդ դիմաց, պիտի շարունակենք յարգալից կերպով մօտենալ ժողովական քննադատական իւրայատուկ առողջ ոճիդ եւ այդ ճամբով պիտի շարունակենք քեզ ներկայ պահել մեր ընդհանուր գործին, առաջադրանքներու ճշդորոշման ու հայութեան եւ Հայաստանի հզօրացման երթին մէջ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Լիբանանի դաշնակցական ընտանիքին անունով մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք տիկին Սոնային, Վարանդին եւ ընտանիքին, ընկեր Հայկին, Մկոյին եւ ընտանիքին ու հեռու եւ մօտիկ բոլոր հարազատներուն, բարեկամներուն եւ գաղափարի ընկերներուն:

Կանուխ մեկնեցար, ընկե՛ր Յակոբ, արդէն կարօտցանք քեզի…

Վա՛րձքդ կատար…

 

Ցաւակցագիրներ

$
0
0

Կը հրատարակենք ՀՅԴ Բիւրոյի` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի ցաւակցագիրները:

3 փետրուար, 2018

Ողբ. ընկ. Յակոբ Եափուճեանի ընտանիքին,

Խորը ցաւով ընդունեցինք ընկ. Յակոբ Եափուճեանի վաղահաս մահուան լուրը:

Այս տխուր առիթով մեր վշտակցութիւնը կը յայտնենք հանգուցեալ ընկերոջ ընտանիքին եւ անմիջական բոլոր հարազատներին:

Երիտասարդ տարիքէն զինուորագրուելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, ընկ. Յակոբը եղաւ հաւատաւոր դաշնակցական, որ ստանձնեց պատասխանատու պաշտօններ ՀՅԴ-ի, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, եւ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ ու միշտ բարեխղճօրէն կատարեց իր ստանձնած պարտականութիւնները:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

 

Ազգային-կուսակցական գործիչ Յակոբ Եափուճեանի ընտանիքի անդամներին, կուսակից ընկերներին եւ բոլոր մերձաւորներին

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Խոր ցաւով տեղեկացանք վաստակաշատ եւ նուիրեալ ազգային-հասարակական գործիչ Յակոբ Եափուճեանի մահուան մասին: Խնդրում ենք ընդունել մեր անկեղծ եւ սրտագին ցաւակցութիւնները:

Համոզուած ենք, որ ազգի ազնիւ զաւակի, հաւատարիմ բարեկամի, վստահելի գործընկերոջ, անխոնջ գործչի` Յակոբ Եափուճեանի բարի անունն ու յիշատակը միշտ վառ կը մնան հարազատների եւ մերձաւորների, լիբանանահայութեան յիշողութիւններում:

Անդառնալի կորստի այս դժուարին պահին խորապէս կիսում ենք Յակոբ Եափուճեանի հարազատների եւ մերձաւորների, կուսակից ընկերների վիշտը:

Աստուած լուսաւորի մեր ազգի արժանաւոր զաւակի հոգին:

ՀՀ Սփիւռքի Նախարար
ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

Խորը ցաւով տեղեկացանք ազգային-կուսակցական գործիչ Յակոբ Եափուճեանի մահուան մասին:

Յակոբ Եափուճեանն աւելի քան հինգ տասնամեակ իր համեստ եւ անդուլ աշխատանքով նուիրուել է ՀՅԴ կուսակցութեան ազգանուէր գաղափարներին: Անուրանալի է Յակոբ Եափուճեանի աւանդը հայապահպանութեան, ազգային արմատների ու ինքնութեան պահպանման գործում: Իր հարուստ կենսագրութեամբ նա բեղուն գործունէութիւն է ծաւալել ի շահ լիբանանահայ համայնքի, ի նպաստ հայոց լեզուի, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի:

Համոզուած եմ, որ Յակոբ Եափուճեանի բարի անունը միշտ վառ է մնալու նրան ճանաչողների յիշողութիւններում` որպէս նուիրեալ հայ եւ ազգային, կուսակցական գործիչ:

Խորապէս ցաւակցում եմ Յակոբ Եափուճեանի բոլոր հարազատներին եւ գործընկերներին:

Կարեկցութեամբ`
Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան
ՍԱՄՈՒԷԼ ՄԿՐՏՉԵԱՆ

«Պատասխանատուութենէ Զերծ Եղած Ժամանակները Նոյնիսկ, Ան Ինքզինք Պատասխանատու Կը Զգար»

$
0
0

Կը հրատարակենք Յակոբ Եափուճեանի յուղարկաւորութեան առիթով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Մկրտիչ Մկրտիչեանի դամբանականը

Համազգայինը իր բոլոր շրջաններով ու կառոյցներով սուգի մէջ է: Յակոբ Եափուճեանը բոլորին կողմէ սիրուած ու գնահատուած անձնաւորութիւն էր. մեր միութեան շրջանակներուն մէջ եւ անոնցմէ դուրս:

Լեւոն Շանթ, իր նշանաւոր թատրերգութիւններէն մէկուն վերջաւորութեան, գլխաւոր հերոսի բերանին մէջ դրած է` «Մահը ի՛ր ճամբով, կեանքը ի՛ր ճամբով» իւրայատուկ աշխարհահայեացք եւ կեանքի ամբողջ փիլիսոփայութիւն մը ներկայացնող արտայայտութիւնը: Իր հակառակորդներուն դէմ արշաւի ձեռնարկող, սակայն դաւադրութեան մը պատճառով իր իսկ զաւակը սպաննած Գող Վասիլ իշխանը կը նախընտրէ անմիջապէս անցնիլ գործի` իր քաղաքական նպատակներուն հասնելու համար, քան աւանդութիւնները յարգելով` քիչ մը ժամանակ յատկացնել ննջեցեալին եւ անոր յիշատակին: Այս կացութեան մէջ երկու վիճակները բիւրեղի նման յստակ են եւ` իրարմէ բոլորովին անջատ. առաջինը մահն է, կեանքի բացակայութիւնը, անոր անէացումը. երկրորդ վիճակը կեանքն է, նպատակի մը հասնելու մտադրութեամբ անմիջական գործողութիւններու ձեռնարկելու ուժական մարդու մը աներեր կամքը: Բնական է, որ հեղինակը` անաստուած, հանդերձեալ կեանքի մը ո՛չ իրական, ո՛չ ալ ոգեկան գոյութեան հաւատացող Լեւոն Շանթի համակրանքը պիտի հակէր դէպի կենդանի գործը, շատ աւելի` քան այլեւս անհոգի մարդկային մարմնի մը ճակատագրով ծիսային զբաղումը: Համազգայինի փայլուն հիմնադիրին համար աստուածային մակարդակի հասած իսկական մարդուն վայել չեն աւելորդ ձեւերը:

Կեանքի իրականութիւնը, սակայն, միշտ այսքան յստակ չէ: Իրական կեանքը, նոյնիսկ Շանթին համար, թուայնացած չէ, որպէսզի խնդիրի մը այո կամ ոչի, աջի ու ձախի կամ աւելի պարզ` սեւի ու ճերմակի միջեւ ընտրութեամբ, անոր դիւրութեամբ ու երկու նախադասութեամբ յստակ ու աներկբայ լուծում տրուի: Երկու ծայրայեղօրէն հակադրուած կարելի լուծումներուն միջեւ ընդհանրապէս գոյութիւն կ՛ունենայ լուծման երանգներու անհամար բազմութիւն մը. այսպիսի պարագաներու ընտրութիւնը կ՛ըլլայ աւելի դժուար, յաճախ` տառապալի. լուծման փնտռտուքն ալ`  անխուսափելիօրէն հիմնուած մարդկային բանականութեան վրայ: Նոյնը ի զօրու է վիճակներու ու խօսքերու մեկնաբանութեան պարագային: Օրինակ` ինչպէ՞ս մեկնաբանել կեանքի ու մահուան միջեւ տարուբերող վիճակներու անցուդարձերը, կեանքի որոշ հատուածներու ընթացքին մասամբ գիտակցական, մնացեալով ալ մշուշապատ ուղեղային բջիջներով յատկանշուող ժամանակներու մէջ արտաբերուած խօսքերը, որոնց ամբողջութեան ընդհանրապէս «զառանցանք» ոչ անպայման դրական անունը կու տանք: Յակոբ Եափուճեան այսպիսի վիճակի մը մէջ անցուց իր կեանքի վերջին քանի մը ժամերը: Իր սնարին մօտ գտնուող հարազատներու վկայութեամբ, մէկէ աւելի անգամներ յստակօրէն հնչած է «Ճեմարան» բառը:

Արդարեւ, իր շուրջինները` հարազատներ, բարեկամներ ու գործընկերներ,  լաւ գիտէին, որ Յակոբի գիտակցութեան ու ենթագիտակցութեան մէջ ընդգծուած կերպով արձանագրուած էին ընդհանրապէս հայութեան խնդիրները. իսկ մասնաւորաբար` Դաշնակցութեան, Համազգայինի եւ իր Ճեմարանի խնդիրները: Ան քանի մը անգամ եղած է Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, նաեւ` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ: Երկու յաջորդական շրջան  վարեց վերջինիս ատենապետի պաշտօնը: Ասկէ երկու ամիսներ առաջ յաջորդաբար երկրորդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ: Կարելի չէ թուարկել անոր անդամակցութիւնը Դաշնակցութեան եւ Համազգայինի զանազան յանձնախումբերուն մէջ: Բոլոր իր աշխատանքները կատարեց իր համոզումներուն վրայ հիմնուելով եւ զինք յատկանշող բծախնդրութեամբ:

Յակոբ Եափուճեանի հանրային, բայց մանաւանդ համազգայնական  գործունէութիւնը ծանօթ է լայն շրջանակներու` Լիբանանի մէջ թէ այլուր: Ան ներկայ եղած է Համազգայինի բոլոր պատգամաւորական ժողովներուն: Համազգայինէն ներս անոր պաշտօնավարութիւնը զուգադիպած է միութեան տնտեսական ամէնէն տկար փուլերէն մէկուն` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք: Արդարեւ, պատերազմի ընթացքին յատկապէս Համազգայինի մայր հաստատութիւնը` Ճեմարանը տեւապէս տնտեսական արիւնահոսութեան պատճառ էր. գանձումներու անբաւարարութիւնը, յաճախ դպրոցական մէկէ աւելի կեդրոններ ունենալու անհրաժեշտութիւնը, պատերազմի ելեւէջներու պարտադրած անոնց յաճախակի տեղափոխութիւնը ցամքեցուցած էին միութեան սնտուկները: Իրագործուած էին, սակայն, նոր դպրոցի շինարարական ծրագրի առաջին փուլերը: Երկու ամբողջ քառամեակ Յակոբ Եափուճեան ջիղերու պատերազմի մէջ էր ինքզինքին եւ իր շրջապատին հետ. մէկ կողմէն կը փորձէր նոր գումարներ ապահովել, միւս կողմէն խնայողական ծրագիրներ կը կազմուէին: Տաղտկալի եւ ջիղեր քայքայող գործ էր. ո՛չ կատարողին բաւարարութիւն տուող, ոչ ալ շահագրգռուողներու կողմէ գնահատուող: Յաճախ երկուքով կը խօսէինք իրարու հետ Համազգայինի դժուարութիւններուն մասին: Կը զգայի, որ ամէն մարդ կը նեղուէր իրմէ. սակայն հաստատ գիտեմ, որ ամէնէն շատ տառապողը ի՛նքն էր` Յակոբ Եափուճեանը:

Զարմանալի կերպով Յակոբի հարազատ ու իսկական բնութիւնն ու բնաւորութիւնը երեւան կու գային, երբ ազատ էր հանրային պատասխանատուութիւններէ: Այդ պարագային իր մտասեւեռումներու ծիրը աւելի  տարածուն կը դառնար: Յաճախ կը հեռաձայնէր իր մտերիմ ընկերներուն հարցի մը շուրջ իրենց կարծիքը հարցնելու, այս կամ այն խնդիրին մասին իր կարծիքը տալու կամ մտահոգութիւնը յայտնելու, խորհուրդ մը տալու, քաջալերելու, իր մէկ հաւնած յօդուածի մը մասին խօսելու: Կարճ` իր միտքը միշտ զբաղած էր ազգային-հասարակական հարցերով: Պատասխանատուութենէ զերծ եղած ժամանակները նոյնիսկ, ան ինքզինք պատասխանատու կը զգար:

Մենք, տակաւին որոշ ատեն, կ՛երեւի, կեանքի ճամբով քալողներս, անտարակոյս պիտի զգանք իր բացակայութիւնը. պիտի պակսի յատկապէս` անոր բարեմիտ ու անկեղծ խրախուսանքը, որ անհրաժեշտ է տխուր վիճակներու մէջ միտքի եւ այլ բնոյթի արտադրութեան մակարդակը պահելու համար` քանակով ու որակով:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Համազգայինի բոլոր կառոյցներու անունով ցաւակցութիւն կը յայտնեմ իր հարազատներուն եւ բոլորիդ:

Իր վարձքը կատար:

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Պէյրութ, 6 փետրուար 2018

 

Յաւելումներու Ստեղծած Տագնապին Ի Տես. Միասնաբար Ամուր Պահենք Հայ Դպրոցը

$
0
0

 

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Տարիներու սպասումէն ետք պետական մարզի ուսուցիչներու ամսականներու արդար յաւելումներու օրինագիծի վաւերացումը խորհրդարանին կողմէ, տագնապի նոր էջ մը բացաւ սեփական մարզի վարժարաններուն մօտ, որոնք պարտաւորուած ըլլալով կիրարկել նոր օրէնքը, ուսուցիչներու ամսականներու յաւելումին համար ստիպուած զգացին տարեսկիզբէն ու վերամուտէն ետք յատուկ յաւելումներ կատարել աշակերտական կրթաթոշակներուն վրայ:

Երկրի տարածքին ծնողներու կողմէ հսկայական աղմուկ բարձրացաւ, յատկապէս քրիստոնեայ վարժարաններու պարագային: Ցարդ կատարուած ու շարունակուող շարժումները զանազան մակարդակներու վրայ, յատուկ լուծումներու չյանգեցան: Հանրապետութեան նախագահ, պատրիարքութիւն, դպրոց, ծնողական խորհուրդներ կը մնան նոյն փակ շրջանակին մէջ, մինչ տարին կը սահի ու ստեղծուած մթնոլորտը տակաւ կը թէժանայ: Տագնապը կ՛երեւի յատկապէս միջին դասակարգի ծնողներուն մօտ, որոնք արդէն իւրաքանչիւր տարի «հաւանական» յաւելումներու նախատեսութեամբ կրթաթոշակի բարձրացման տուրքը վճարած են:

Վերջին օրերուն, նոյնօրինակ մթնոլորտ մը ստեղծուած է նաեւ հայկական իրականութեան մէջ թէ՛ համայնքային, թէ՛ միութենական սեփականութեամբ վարժարաններու պարագային, ուր վարժարաններու պատասխանատուներ յաւելումներ պահանջող շրջաբերականներ յղած են ծնողներուն, ներկայ տարեշրջանին համար ուսուցչական յաւելումներ կատարելու առ ի պատրաստութիւն: Հարցերը սկսած են ստանալ այնպիսի բնոյթ, որ տարբեր խմորումներու ականջալուր եւ ականատես կ՛ըլլանք, ստորագրութիւններու հաւաք, մերժում, հաւաքական հանդիպումներ, մինչեւ իսկ հաւանական ցոյցեր:

Ու հոս արդէն կը դրուի հաւաքական համագաղութային պատասխանատուութեան խնդիր:

Եթէ երբեք ոչ հայկական վարժարաններու պարագային պատասխանատուները կրնան մտահոգուիլ աշակերտութեան թիւի անկումով զուտ առեւտրական տուեալներով, մեր պարագային նման անկում հարուած է հայկականութեան, հայու ինքնութեան եւ հայ դպրոց պահելու առաքելութեան:

Ներկայ խնդիրը կարելի չէ դիտել զուտ թուաբանական հաշիւներով: Հայ դպրոց, հայ աշակերտ, հայ ուսուցիչ պահելը շուկայական սովորական շահի եւ վնասի խնդիր չէ, այլ հայութեան պահպանման էութենական խնդիր է:

Եւ այս իմաստով հայկական վարժարաններու ներկայ տագնապը հաւաքական պատասխանատուութիւն կը պահանջէ եւ սովորական օրերու անտեղի մրցակցութենէն դուրս դիտարկելի հիմնահարց է:

Ոչ մէկ կասկած, որ արդար է ուսուցիչներու ամսաթոշակներու յաւելման պահանջը:

Ոչ մէկ կասկած, որ դժուար է հայ ծնողքին տնտեսական վիճակը եւ շատ մը պարագաներու (ո՛չ միշտ) ծնողքը ի վիճակի չէ ներկայ տարեշրջանին յաւելեալ կրթաթոշակային ծանրաբեռնումի ենթարկուիլ:

Վստահաբար դիւրին չէ նաեւ վարժարաններու տնօրէնութեանց կամ հոգաբարձութեանց ներկայ դրութիւնը, արդարամիտ որոշում կայացնելը:

Հայ դպրոցը ծնողք – կրթական մշակ – համայնքայիւն ղեկավարութիւն եռեակին վրայ հիմնուած է: Եւ այս եռեակի իւրաքանչիւր կողմ իր բեռը վերցնելու պարտաւորութեան տակ է այսօր:

Անպայմանօրէն զուտ տոմարակալական յաւելումներով հայ աշակերտը կարելի չէ դպրոցին մէջ պահել:

Նոյնպէս ալ առեւտրական հաշիւներով հայ ուսուցիչն ալ առանց հայ աշակերտի հայ դպրոցին մէջ չի կրնար շարունակել մնալ:

Արդի ժամանակներու նորարարութեան պահանջներուն հետեւելու շուտիկութիւնն ու հեւքը յաճախ դպրոցներ դրած են մրցակցութեան խօլ պայքարի մէջ` զարդարելով պատերը, փայլեցնելով քար եւ կոթող, շքեղացնելով գրասենեակներ, բայց մոռնալով, որ այդ բոլորը իրենց գինը ունին: Եւ այդ բոլորը շլացուցած են ծնողները իսկ այսօր եկած է այդ գինը վճարելու պահը:

Ու եթէ ցարդ հայ դպրոցի գոյատեւման խնդիրը հայեցի կրթութեան թէ բարձր կրթական մակարդակի ու գեղեցիկ կառուցուածքի հետ կ՛առնչուէր, այսօր սակայն հայ դպրոցը Լիբանանի մէջ վտանգուած է իր գոյութեամբ, իր աշակերտութեամբ:

Հետեւաբար չենք կրնար ձեռնածալ մնալ:

Խնդիրը միայն դպրոցական մարզի պատասխանատուներուն թողելը անպատասխանատու մօտեցում է նուազագոյնը:

Ծանրութիւնը պարզապէս ծնողներուն վրայ բեռցնելը դպրոցները փակելու լաւագոյն միջոցն է պարզապէս:

Կրօնական պատասխանատուներու կողմէ թէ այլապէս խնդիրին լուծումը այլոց վրայ բեռցնելը քրիստոնէական առաքելութիւնը խաթարող է նուազագոյնը:

Նոր շէնքեր, եկեղեցի, կոթող, յուշարձան կառուցելով չէ, որ հայութիւնը կը պահպանուի:

Այդ կառոյցները շնչելու համար, հայութեամբ ապրելու համար հայերէնով աղօթող մարդոց, հայ մարդոց կարիքը ունին, մարդիկ, որոնք հայ դպրոցով իրենց հայկականութիւնը պահած են ու կը պահեն:

Հայ դպրոցը հայութիւն է, հայկականութիւն է:

Հաւաքաբար վերցնենք ձեռնոցը:

Հայ առաքելական, հայ կաթողիկէ թէ հայ աւետարանական եկեղեցիները միասնաբար պարտին գործօն պատասխանատուութեամբ լուծել խնդիրը:

Սեփական վարժարաններու պատասխանատու միութիւնները գործնական ձեւով պարտին ընդառաջ երթալ հայ դպրոցի գոյատեւման ճիգին:

Հայկական կուսակցութիւնները պարտաւոր են գործնական քայլերով մասնակցիլ լուծումներ որոնելու ճիգին:

Իրենց զաւակները օտար վարժարան ուղարկող ծնողները պարտաւորութիւնը ունին գէթ իրենց զաւակներուն տարեկից երեխաներուն հայկականութեան ի խնդիր մասնակցելու հաւաքական ճիգին:

Եթէ ցարդ կարելի էր հաւատալ, որ պատկերը տակաւին կրնայ գեղեցիկ մնալ, այսօր պատկերը պատռուելու վտանգին տակ է:

Առանց խուճապային մթնոլորտի ազդեցութեան տակ առնուող շուտիկ որոշումներու, համբերութեամբ եւ հանգրուանային լուծումներու ուղիներու որոնումով պէտք է դիմագրաւել ներկայ տագնապը:

Բոլորս, միասնաբար եւ առանց մեծխօսիկութեան, աւելորդ վերլուծումներու կամ անցեալի սխալները միայն մատնանիշ ընելու վերցնենք ձեռնոցը եւ ըսենք.

Միասնաբար ամուր պահենք հայ դպրոցը:

 

 

 

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց` Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Գ.)

$
0
0

 

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ.- Երբ «զրոյց» կ’ըսեմ, արդէն լրջութեան նուազագոյն մակարդակ մը նկատի ունիմ: Այլապէս Հայաստան-սփիւռք կամ այլուր կատարուած երթուդարձերն ու փոխանակումները, ի խնդիր ազգային կամ հայրենասիրական անանուն ախորժակներու յագեցման, տեսադաշտէս դուրս կը գտնուին: Անկարելիութիւնը, անկարելի դարձուածը նոյնինքն մակերեսէն վար, խորք իջնելու արարքն է: Անոր պատճառները շատ են:

Ձեր այդ թուարկած նախաձեռնութիւններն ու իրագործումները, որոնց մենք արդէն մամուլէն ծանօթ ենք, բայց լաւ է, որ այստեղ զանոնք վերստին կը հրամցնէք, եկէք` կոչենք բնական ու, ինչո՞ւ չէ, երբեմն ալ` գերբնական հակազդեցութիւնները գաղութի մը պատասխանատուութիւնը իր կռնակը առած ամբողջ համակարգի մը: Եւ արդէն այդ է, որ կը սպասուի գաղութի մը ղեկավարութենէն: Այս կամ նման ձեռնարկութեանց բացակայութիւնը պիտի ըլլար, արդարեւ, մեծ ամօթ մը: Նախաձեռնութեանց ձեր այս շարայարումը հաւանաբար լռելեայն ինծի ուղղուած հարցում մըն է ինքնին` արդեօք այս բոլորէն անդի՞ն ակնկալիք ունէիք: Ի՞նչ է ձեր սպասածը: «Ուզածդ ի՞նչ է, բարեկա՛մ», պիտի ըսէի ես Պուրճ Համուտի բարբառովս: Ահաւասիկ` «բազում գործք արութեան», պիտի ըսէր Խորենացի: Գործք… վերը ակնարկեցինք արդէն, որ գործնական ենք: Հետեւաբար գործ կ’արտադրենք: Ես ալ փորձեմ «ուզածս» սահմանել:

«Հաւատք առանց գործոց` դատարկ են», կը կարդանք Նոր Կտակարանին մէջ (Յակոբոս, Բ.20): Եթէ բանի մը կը հաւատաս եւ գործով հաւատքդ չես ապացուցեր, հաւատքդ դատարկ է, մեռեալ է: Հայկական աշխարհը, բայց հարկաւ` ոչ միայն ան, կ’ապրի ժամանակի մը մէջ, ուր իրականութիւնը այս ըսուածին հակառակ պատկերը կը ներկայացնէ: Այդ պատճառով ալ հակառակ պիտի դարձնեմ եւ հակառակէն կարդամ այս խօսքը: Ամէն տեղ կան քիչ թէ շատ գործեր ու գործողներ, սակայն անոնք իրենց ըսածին ու ըրածին հանդէպ հաւատք չունին: Գործս յարգելի բացառութիւններու հետ չէ: Մակերեսային հանդիպումներու ակնարկեցինք վերը: Ահա հոս է, որ մակերեսայինի հարցը կը սրի: Կառոյցներն ու շէնքերը կը բարձրանան, սակայն զանոնք լեցնողը դատարկ է: Ճիշդ կարդացիք` լեցնողը դատարկ է: Եւ երբ որ հաւատքէն առաջ դրուած է գործին տեսանելի կոթողացումը, հաւատքին բացակայութեան է, որ գործը կը յառաջանայ: Եւ հետեւաբար «անհաւատ» գործն է, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Մինչդեռ անհրաժեշտութիւնը գործին հանդէպ հաւատքի փոխանցումն է: Կրնայ հակասական կամ բարդ թուիլ այս հաստատումը, բայց ըսեմ, որ ես կը խօսիմ գործնական հաւատքի մասին, որ կրնայ գործ արտադրել` եւ այն գործին մասին, որ կարողութիւն չունի հաւատք արտադրելու: Օրինակ մը տամ, որպէսզի գէթ քիչ մը յստականան ըսածներս:

Կարելի է հսկայական, արդիական, գիտական հաստատութիւն կառուցել, վերակառուցել ու ընդարձակել, փայլեցնել, օժտել զայն բոլոր կարելի արտաքին, երեւելի բարիքներով, բայց այդ կառոյցին բովանդակութեան չնչին մէկ տոկոսը ցարդ ուսումնասիրած ըլլալ եւ հետագայի ուսումնասիրութեան համար ո՛չ բաւարար ծրագիր, ո՛չ մարդուժ պատրաստել: Կառոյցը ստեղծել, սակայն` զայն զրկել իր իսկական բովանդակութենէն, իր բանեցումի կարելիութենէն: Գաղտնիք մը չէ այս կառոյցը: Հայաստանի մէջ կը գտնուի ան, բայց թող ըլլայ հանելուկ:

Ժողովուրդը կ’ըսէ` մնայուն ու գնայուն բաներ կան, որոնց իբրեւ թարգմանութիւն մը` պիտի առաջարկեմ հոս, ըսելով` Սուրիոյ դաժան այս պատերազմին լոյսին, կամ աւելի ճիշդ` խաւարին տակ  քանդելի (գնայուն) ու անքանդելի (մնայուն) կառոյցներ կան: Պատերազմը ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ կարելի է քանդել ու, ատոր զուգահեռ, ի՛նչ կարելի չէ քանդել: Կը սրէ մեր դիմադրողականութիւնը: Եղեռնի դասապահերէն անցած ըլլալու ենք, ու այդ դասանիւթերուն մեծամասնութիւնը դիմադրողականութեան եւ անքանդելիին կը վերաբերի: Ի՞նչ կարելի է փրկել պատերազմին քանդումէն: Քանդումէն` ընդհանրապէս: Սուրիան ընդհանրապէս, ու մանաւանդ Հալէպը, Դամասկոսը, Ռաս Ուլ Այնը, Ռաքքան, Հասիչէն, Տէր Զօրը այդ դասարաններուն անուններն են: Հոյակապ դասատու մըն է, եթէ կարդանք պատմութիւնը, համապատասխան վաւերաթուղթերն ու նամակները, Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս` իր խօսքին ու մանաւանդ գործքին հմտութեամբ, Մեծն Սուրիոյ մէջ հաստատուելու իր քայլով, հակառակ այդ որոշումին դէմ կեցած նիւթական դժուարութիւններու:

Այս յարաբերաբար անպատերազմ ժամանակը ճիշդ ատենն է, որ այս հարցերը իրենց լրջութեամբ չափենք եւ պատրաստուինք: Ինչի՞: Մեր գոյութեան հիմերուն: Պատերազմին վէրքերը դարմանող եւ ձեր նշած բոլոր ձեռնարկութիւնները որքանո՞վ կ’անցնին սահմանը գոյութիւն պահելէն գոյութիւն հիմնաւորելուն: Նկատի ունիմ կառոյցէն դէպի անոր բովանդակութիւն երթը, եթէ կ’ուզէք: Այլեւ առօրեայ օրինակ մը` թերթը լոյս կը տեսնէ՞: Այո՛: Բայց երկրորդ հարցումն է կարեւորը` ի՞նչ է անոր բովանդակութիւնը: Երկրորդ հարցումէն ետք կը սկսի մնայունի, անքանդելիի տարածքը:

Թող սին շռայլութիւն համարուի, բայց սեւով ճերմակի վրայ կը գրեմ. պատերազմը պատճառ ըլլալու է, որ աւելի մեծ քանդումներու պատրաստուինք, ու մեր յետպատերազմեան կամ միջպատերազմեան ձեռնարկութիւնները ոչ միայն իբրեւ վերապրողի կարելիութիւններ շնչելու, այլեւ շունչ տալու կարողութիւն ունենան: Հոս է, որ նաեւ դուրսինը կրնայ գործունեայ դառնալ, որովհետեւ ան պատերազմին օդը չի շնչեր:

Եւ ասիկա կ’արձանագրեմ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին իմ նուազագոյն փորձառութեանս իբրեւ արդիւնք, քանի վերը ըրած էք հարցումը: Կը տեսնէք` կը յուսամ, որ իբրեւ դրսեցի մը` ներսի եւ դուրսի հարցերը կը փորձեմ շատ աւելի ներս հրել հիմքերու հասնելու համար: Ահա, եթէ կ’ուզէք, նախապայման մը, ըստ իս, ներսի ու դուրսի համերաշխութեան: Սուրիական պատերազմէն անցքը դէպի մեր գոյութեան պատերազմը շատ հեռու չէ: Կամայական երբեք չէ ան: Յաւուր պատշաճի պոռոտախօսութիւնները, ամէն բեմի վրայ լսելի, չեն կրնար հիմք կազմել մեր գոյութեան: Անոնք կը զրկեն մեր գոյութիւնը իր հիմերէն, լաւագոյն պարագային: Վաղը, քանի մը ամիսէն, կը լսէք նմուշներ անոնցմէ, սփիւռք-Հայաստան յաջորդ համաժողովին ընթացքին: Եւ կրնաք ենթադրել հարկաւ, որ «բարի վայելում» պիտի չմաղթեմ:

Կ’ուզեմ հոս առանձնացնել սփիւռքին` հարցականի տակ դրուելու հարցը, որ կապ ունի «գաղութ պարպելու» (դուրսէն լսուող) եւ զուգահեռաբար` «գաղութ պահելու» (ներսէն եւ դուրսէն լսուող) հարցերուն հետ:

Մեր հաւաքական ինքնութիւնը վերջին դարաշրջանին զանգուածային գաղթի երկու տեսակ ապրեցաւ. մէկը Ցեղասպանութեան հետեւանքն է, որ արիւնոտ բռնագաղթ է, իսկ միւսը, որ դեռ բաց վէրք մըն է, Հայաստանէն արտագաղթն է: Անիի անկումէն ետք գիտենք, որ յառաջացան Կիլիկեան հայրենիքն ու եւրոպական հողի վրայ` Խրիմի եւ այսօրուան արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու գաղութները: Վերջիններս անարիւն գաղթեր էին, ինչպէս է Հայաստանէն արտագաղթը այսօր: Ի՞նչ տեղի կ’ունենայ: Ժողովրդագրական շարժ ու ատոր հետ միատեղ` ուժերու ցրուում: Մինչեւ որ նոր ուժերը նոր վայրերուն մէջ կազմակերպուին, երբեմն ուշացումներու դէմ յանդիման կը գտնուինք:

Արտագաղթով արիւնաքամ ըլլալու վտանգին մէջ գտնուող Հայաստանը շատ բնական է, որ չէր կրնար լաւագոյնս օգտակար դառնալ գաղթական զանգուածներու, ընտանիքներու կամ անհատներու, որոնք բարեբախտաբար վրանաբնակ գաղթականներ չեն մեծ մասով մը: Սուրիական պատերազմը երկրորդ անակնկալ փորձն էր, առաջինը Իրաքի պատերազմն էր, որ եւս դէպի Հայաստան հոսք մը բացաւ, ու Հայաստան «անծրագիր ներգաղթ»-ի ընդառաջելու պատրաստութիւնը չունեցաւ դժբախտաբար: Պատճառները մեծաւ մասամբ յստակ են: Երբ երկրէ մը, յատկապէս` տնտեսական պատճառներով, զանգուածային արտագաղթ տեղի կ’ունենայ, դժուար է ներգաղթ ակնկալել, նոյնիսկ եթէ այդ երկիրը մեր սիրելին է: Շատ պարզ է, որ գաղափարախօսութենէն առաջ հարկ է ծրագիր ունենալ, որուն գործադրութեան համար պայմանները անուն եւ հասցէ ունենալու են կէս տասնամեակ ժամանակէ մը ետք, այսօր: «Եկէ՛ք, տեսէ՛ք, փորձեցէ՛ք»-ը ծրագիր չէ հարկաւ:

Գաղութներ երբեմն կը պարպուին ինքնաբերաբար: Շուրջ երկու տասնամեակի ընթացքին այսօր Իրաքէն երկու միլիոնէ աւելի քրիստոնեայ (ասորի, հայ եւ այլ) մեկնած է, եթէ չեմ սխալիր: Գաղութ պահելը տասնամեակներու հոլովոյթ է, զայն պարպելը երբեմն շատ աւելի արագ կ’ընթանայ: Ես պիտի ուզէի, որ ամէն գաղութ շնչելու իր կարողութիւնը իւրովի զարգացնէր, վերի օրինակներուս իմաստով, որոնք բնականաբար իբրեւ առաջարկ, ոչ իբրեւ ճշմարտութիւն կը հասկնամ: Մարգարէութիւններով կարելի չէ գաղութ պարպել կամ պահել: Պատերազմի պատճառով որեւէ գաղութ հարցականի տակ դնողները, լեհահայ գաղութի տիպական ու դասականի վերածուած օրինակին ակնարկութեամբ «հաշիւներ» կատարողները` պաշտօնական կամ անպաշտօն շրջանակներ, գիտակից կամ անգիտակից, հարկ է որ «իրենց» պատմութեան էջերը լաւ թղթատեն:

«Տագնապ կիսել», այո՛, կը հարցնէք: Դրսեցին կրնայ միայն չակերտներու մէջ կիսել այդ տագնապը: Վարուժանի «Դիակի սայլը» քերթուածին վերջին պատկերին մէջ գեղանի մը վարդ կը նետէ դիակնաբեռն սայլին վրայ…Վէրքին վրայ կարելի է աղ կամ վարդ սփռել: Ես անոնցմէ ոչ մէկը կը նախընտրեմ:

Բայց դուք ի՞նչ կը սպասէիք ու կը սպասէք դրսեցիէն:

 

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.- Նախ կ’ուզեմ անդրադառնալ գործ արտադրող հաւատքին: Կը բաժնեմ ձեր տեսակէտը. եթէ հաւատքն է գործ արտադրողը, ուրեմն անպայման կը ծնի անքանդելին: Կը սրի դիմադրողականութիւնը նաեւ: Սուրիահայութեան, բայց մանաւանդ հալէպահայութեան դիմադրողականութիւնը այս պատերազմին մէջ երբեմն ոմանց անհասկնալի կը թուէր: Խօսքս հաստատութիւններու չի վերաբերիր, որոնք, պատերազմին մէջ, գոյութիւն պահելու սահմաններուն մէջ մնացին եւ, երբեմն, իրենց ուժականութիւնը կորսնցուցին: Խօսքս կը վերաբերի  գաղութին տիրութիւն ընելու գործին` իր կորուստներուն մէջ անգամ: Եթէ նախքան պատերազմը մեր դիմադրողականութիւնը մեր գոյութեան հիմքերու զօրացումով պայմանաւորուած էր, պատերազմին մէջ մեր դիմադրողականութիւնը իր ամբողջ ուժգնութեամբ, կեդրոնացաւ մեր ֆիզիքական գոյութիւնը պահելու մարտնչումին վրայ: Եթէ նախապատերազմեան շրջանին չըլլար գործին նկատմամբ ձեր յիշած հաւատքին ներարկումը, սուրիահայ գաղութը, վնասներ կրելով մէկտեղ, պատերազմական այս փոթորիկին չէր կրնար դիմանալ: Օրինակ մը տալու համար յիշեմ մեր դպրոցները, որոնց կառոյցները վնասուեցան, բախումնային շրջաններու մէջ գտնուեցան, բայց կրթական գործը շարունակուեցաւ: Ծնողներ ամէն առաւօտ իրենց զաւակները խաչակնքելով դպրոց ճամբեցին` վստահ չըլլալով նոյնիսկ, թէ անոնք ողջ-առողջ պիտի վերադառնա՞ն տուն, թէ՞ ոչ: Բայց ճամբեցի՛ն: Ասիկա հաւատքի դրսեւորումն էր` անքանդելին պահելու:

Պատերազմին մէջ առաւելաբար ֆիզիքական գոյութիւն պահելու հարց կը յառաջանայ, սակայն  յետպատերազմեան շրջանին, յատկապէս երբ անքանդելին յստակօրէն ուրուագծուած կ’ըլլայ այլեւս, կը սկսի վերարտադրութեան աշխատանքը, մեր գոյութեան հիմքերը վերամրագրելու աշխատանքը: Այստեղ յեղափոխութիւն մը պէտք է տեղի ունենայ: Ինքնակազմակերպման յեղափոխութիւն մը` նոր թափով ու հաւատքով գոյութիւն հիմնաւորող աշխատանքներու ձեռնարկելու: Ահա այստեղ կը սպասուի դրսեցիին ներդրումը` նոր շունչ տալու, փորձառութիւններ փոխանակելու, արագ կշռոյթով վերականգնելու յոգնաբեկ, բայց յամառօրէն իր գոյութիւնը պահող այս գաղութը: Այն գաղութը, որ ոչ միայն դիմադրողականութեան օրինակ տուաւ, այլ սփիւռքի ներուժին տարողութիւնը անգամ մըն ալ ջուրի երես հանեց:

Մեր հաւաքական ինքնութեան հարցը շատ խորունկ ծալքեր ունի, յատկապէս` հոգեբանական ծալքեր:

Երբ կը խօսինք արիւնոտ բռնագաղթով կազմուած գաղութի մասին, այստեղ բարդ հարցեր գլուխ կը ցցեն: Նախ պէտք է իմանանք, որ գաղութը մեր ազատ կամքով  չէ յառաջացած, որպէսզի մէկ օրուան մէջ, մէկ որոշումով կարելի ըլլայ քանդել կամ պարպել զայն: Աւելի՛ն. երբ կը խօսինք  հարիւրամեակներու ներկայութիւն ունեցող գաղութներու մասին, կը նշանակէ` կը խօսինք այդ «օտար» հողին վրայ ապրող սերունդներու մասին, որոնք իրենց  ծնունդով ստեղծած են մշակոյթ, ինքնութիւն պահպանելու յենարաններ, բայց նաեւ ստեղծած են իւրայատկութիւն: Այդ իւրայատկութեան կարեւոր մէկ բաժինը այն է նաեւ, որ անոնք, հայկականութեամբ պատուաստուած ըլլալով, իրենք զիրենք այդ հողին զաւակը զգացած են: Մնալը, պարպելը հաւանաբար շատերուն համար քաղաքական հաշուարկ է, բայց հոգեբանական նրբութիւններ կ’ընդգրկէ: Տակաւին, գոյութիւն ունի մեր հայրենիքին հողային խնդիրը: Չմոռնանք, որ ներկայ Հայաստանը ամբողջական  հայրենիքին մէկ մասն է միայն, որ ունի իր դժուարութիւնները. ինչպէ՞ս ուրեմն ամբողջական հայութիւնը իր մէջ պիտի պարփակէ:

Հոս կը ծագի նաեւ հայ մնալու խնդիրը, քաղաքացիութեան խնդիրը: Եթէ չոր տրամաբանութեամբ մօտենանք  գաղութ պարպելու հարցին` զանց առնելով հայ մնալու խնդիրը, քաղաքացիութեան խնդիրը, ուրեմն այպանելի չէ գացողը: Կամ առնենք Հայաստանի պարագան, որ մայր հայրենիք է: Եթէ դժուարութիւններ կան, բայց մենք կը նախընտրենք աւելի լաւ պայմաններու մէջ ապրիլ, ուրեմն չայպանենք հայրենիքէն գաղթողը: Ի՞նչ ընել ուրեմն, մեկնի՞լ, թէ՞ ոչ յանձնառութիւն ունենալ փոխելու, բարելաւելու: Ո՞վ է ճիշդը` հեռացո՞ղը, թէ՞ մնացողը եւ մաքառողը:

Վերադառնանք սուրիահայութեան տագնապին: Ներսէն կամ դուրսէն հնչող ձայներ կ’ըսեն` «Այս գաղութը պէտք է պարպել»: Ինչո՞ւ: Որպէսզի մարդիկ զոհ չերթան, աւելի լաւ ապրին: Օրինակով մը բացատրենք մնալու եւ լքելու հարցը: Տեղ մը հրդեհ կայ, դուն կա՛մ կը փախչիս, որ չայրիս ու հոգ չես ըներ, եթէ հրդեհին տեղը այրի, կա՛մ ալ հրդեհը մարելու համար կը նկրտիս, որպէսզի ե՛ւ դուն չայրիս, ե՛ւ ուրիշներ չայրին, ե՛ւ տեղը չայրի:  Արդիւնք` երկուքն ալ մարդը պահելու համար առնուած քայլեր են: Սուրիական տագնապի ընթացքին այս երկու մտածելաձեւերը ունեցողներ ալ կային մեր մէջ: Ու, բնականաբար, սպասելի չէ, որ ազգ մը, իր բոլոր բաղադրիչներով, ամէն դժուարութեան մէջ նոյն ձեւով մտածէ, նոյն ձեւով շարժի:

Միանշանակ խնդիրներ չեն ասոնք, միանշանակ լուծումներ չունին, բայց մեր ազգային հիմնախնդիրներուն մէջ համախոհութիւն պէտք է ստեղծել ու համախոհական հարցերուն ծանրութիւն տալ` հեռու մնալով սրումներէ:

Ուրեմն, հանրային մտածողութիւնը պէտք է միշտ հասարակ յայտարարի մը բերելու աշխատանքին մէջ ըլլանք, որպէսզի բեւեռացումներ չգոյանան: Բեւեռացումները յաճախ կը պարպեն հարցը իր էութենէն եւ կ’անձնականացնեն: Մեր հայրենիքին մէջ, օրինակ, տագնապներուն լուծումներ որոնելու համար իշխանութիւն-ընդդիմութիւն հարցը չէ, որ մեր կիզակէտին մէջ պէտք է ըլլայ տեւաբար, այլ` հայրենիքի հարցը, որ վեր կը դասուի բոլոր հարցերէն: Նոյնն ալ` սփիւռքի մէջ, գաղութ պահելը մեր ուշադրութեան կիզակէտին մէջ պէտք է պահել, այնքան ատեն որ մեր համազգային խնդիրները վերջնական լուծումներու չեն յանգած: Սփիւռքի մայրամուտը երգողները պատմութիւնը լաւ պէտք է կարդան…եւ` ոչ միայն պատմութիւնը, ներկան եւս:

Մակերեսայինի եւ խորքայինի մասին կը խօսիք: Այսօր մարդոց համար գործը, անմիջական արդիւնքը աւելի մեծ քաշողական ուժ ունին, քան` գաղափարախօսական քննարկում կատարելը: Ինչո՞ւ…որովհետեւ խորքային քննարկում կատարելը կը պահանջէ շատ աւելի խոր իմացութիւն, որ այսօր ընդհանրապէս հասարակութեան մէջ կը բացակայի: Ասիկա համաշխարհային երեւոյթ է: Ցաւօք, այսօր մտաւորականութիւնը կը զգայ, որ տեղ չունի, անոր համար ալ առաւելաբար կ’ապաւինի իր մաքրակրօնութեան:  Մենք մեր իրականութեան մէջ լայն տեղ պէտք է տանք մտաւորականութեան, որովհետեւ, պարզ բառերով, տեղեկացուած ըլլալը բան մըն է, իմանալը, իմացումի մակարդակ ունենալը` այլ բան: Իմացումի վրայ քաղաքականութիւն մշակելն է էականը: Հոս է, որ դուրսի եւ ներսի կապը շատ կարեւոր է:

Կը բարձրացնէք պոռոտախօսութիւններու, կառոյցները իրենց էութենէն դատարկելու հարցը: Ասոնք երեւոյթներ են, որոնք կարելի է քննարկել եւ լուծումներ առաջարկել: Հայրենիք-սփիւռք համաժողովի նախօրէին, օրինակ, կարելի է ժողովի հիմնական օրակարգը քննարկել մամուլին ընդմէջէն եւ բիւրեղացած առաջարկներով ներկայանալ ժողովին ու այդ կառոյցներուն գոյութիւնը արդարացնող, դուրսի եւ ներսի պատկերացումները ներդաշնակող գործի ձեւաչափեր առաջարկել, կրկին ու կրկին առաջարկել` առանց յուսահատելու: Այս ձեւով է, որ համերաշխ փոխանակումը ծնունդ կ’առնէ:

Եզրափակելով պատասխանս` կ’ուզեմ աւելցնել, որ պատերազմի մէջ յայտնուած զանգուածներուն դուրսէն կարելի էր շունչ տալ նաեւ խօսքով: Այո՛, մի՛ զարմանաք, պատասխանատու խօսքով` մանաւանդ, որովհետեւ տագնապի մէջ յայտնուած մարդիկ իրենց դիմադրողական ուժը պահելու համար երբեմն կարիքը կը զգային այդ խօսքին: Այդ պահու համար անհրաժեշտ խօսքին: Իսկ ինչո՞ւ կը բացակայէր այդ խօսքը պատերազմի օրերուն:

(Շար. 3)

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live