Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Արամ Մանուկեան (Սերգէյ Յովհաննիսեան, 1879-1919). Գաղափարի Մարտիկը, Ազգային Ղեկավարը եւ Հայաստանի Անկախութեան Դաշնակցական Կերտիչը

$
0
0

Ն. Պ.

29 Յունուարին հայ ժողովուրդը կըոգեկոչէ մահուան տարելիցը իր մեծանուն զաւակներէն ԱՐԱՄի, որ հայոց հազարամեակներու պատմութեան մէջ անմահացաւ իբրեւ արդի ժամանակներու Հայաստանի անկախութեան կերտիչն ու հայոց պետականութեան հիմնադիրը։

Արամ իր պատանեկան տարիքէն նետուեցաւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան համար անխոնջ պայքարի ու անվեհեր կռուի դաշտ, ամբողջ կեանքը զոհաբերեց այդ նպատակին եւ հայոց լեռներու ամեհի ու խրոխտ կարծրութեամբ եւ տոկունութեամբ թրծուած իր նկարագրով, գաղափարապաշտութեամբ ու մարտունակութեամբ՝ ինքնուրոյն իր դրոշմ դրաւ հայոց նորագոյն պատմութեան արեւածագին վրայ։

Թէեւ միայն քառասուն տարի ապրելու ճակատագիր մը վիճակուեցաւ անզուգական Արամին, բայց սկսելով Շուշիէն, անցնելով Կարսէն ու Վանէն եւ վերնականապէս հանգրուանելով Երեւան՝ հայ ազգային¬ազատագրական շարժման Գաղափարի Մարտիկը, հայ ժողովուրդի մարտական վերածնունդին Ազգային Ղեկավարը եւ Հայաստանի Անկախութեան Դաշնակցական Կերտիչը հայոց սերունդներուն կտակեց յաւերժական ներշնչման արժանի վարք ու գործք Արութեան։

Արամի հերոսապատումին գագաթնակէտը եւ, միանգամայն, խտացումը հանդիսացաւ Դեկտեմբեր 1917ի անկիւնադարձային Պահը։ Պոլշեւիկեան յեղաշրջման հետեւանքով եւ Լենինի անփառունակ կոչով՝ աւելի քան հարիւր տարի մեր հողերուն վրայ իր տիրակալութիւնը հաստատած ռուսական զօրքը լքեց Հայաստանի սահմանները ու խուժանավարի դէպի Ռուսաստան փութաց, ցեղասպան թրքական զօրքին դէմ անպաշտպան ձգելով հայութեան եւ Հայաստանի վերջին բեկորները։ Աստեղային այդ Պահուն էր, ահա՛, որ Երեւանի մէջ խցկուած շինական, այլեւ գաղթական հայութիւնը եւ հայ կամաւորական ջոկատները իրենց հայեացքը յառեցին Արամի ուղղութեամբ, «դիկտատոր» հռչակեցին ողն ու ծուծով ժողովրդավար եւ ընկերվարական Արամը եւ Հայաստանի ու հայութեան օրհասական վերջին կռուին ղեկավարութիւնը վստահեցան Արամի անյողդողդ Կամքին եւ Մարտունակութեան։

Եւ Արամ արժանաւորապէս ղեկավարեց աւելի քան հինգ ամիսներու վրայ երկարած հայ ժողովուրդի պատմական վերածնունդի այդ օրհասական կռիւները՝ Սարդարապատեան յաղթանակներով պսակելով արդի Հայաստանի անկախութեան կերտումն ու հայոց ազգային պետականութեան հինադրութիւնը։

Արութեան իր անկորնչելի դափնեպսակին արժանացած Արամն էր, որ Յունուար 1919ի այս օրը, Երեւանի իր անշուք բնակարանին մէջ, բծաւոր տիֆէ վարակւած ու մարմնապէս լրիւ հիւծած՝ իր բոցավառ աչքերը առյաւէտ փակեց։ Արամի մահով՝ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանկարծ զրկուեցաւ մեր ժողովուրդի ազգային¬հասարակական ներքին միասնութիւնը պահպանող եւ մարտունկութիւնը կազմակերպող ու առաջնորդող անփոխարինելի գործիչէն։ Գաղափարապաշտ եզակի գործիչ մը, որ նորանկախ մեր պետականութեան դարբինն ու ոգին ըլլալով հանդերձ՝ դաշնակցականի իր նկարագրով եւ ազգային¬գաղափարական սկզբունքներով, Սարդարապատեան հերոսամարտները կերտած «Դիկտատոր»ի իր լիազօրութիւնները վար դրաւ եւ վարչապետ Յ. Քաջազնունիի գլխաւորած անդրանիկ կառավարութեան մէջ ստանձնեց Ներքին Գործոց նախարարի պատասխանատուութիւնը։

93 տարիներ անցած են Արամի տարաբախտ վախճանէն ասդին, բայց անոր լուսաւոր կերպարը, գաղափարական շունչը եւ հայրենակերտ գործը կը շարունակեն ներշնչել ու դաստիարակել մեր սերունդները՝ հայոց Ազգի, Հայրենիքի եւ Պետականութեան պաշտպանութեան ու ազատագրութեան համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու անվեհեր Յանձնառութեան պատգամով ու վարակիչ օրինակով։

Ինչպէ՞ս կարելի է ներշնչման աղբիւր չունենալ հազիւ երիտասարդ տարիքը թեւակոխած Սերգէյ Յովհաննիսեանի լուսաւոր օրինակը, որ կրակի մկրտութիւնը դեռ նոր ստացած իբրեւ Արամ՝ հայ ժողովուրդի ազգային պայքարունակութեան պաշտամունքով, օրագրային իր գրառումներուն մէջ, պիտի պատգամէր.-

«Ես չէի կարողանում հասկանալ այն մեծ գաղտնիքը, այն մեծ ուժը, որ սովորական մարդկանց, շատ անգամ կրթութիւն չունեցողներին, գիւղացիներին, ստիպում էր տարիներ շարունակ անտրտունջ հանդուրժել այս տառապանքներին։ Մտաւորականների համար ասում էին իտէալն ու գաղափարականութիւնն է, իսկ միւսներին մնում էր ընդունել հայրենասիրութիւնը, որն ունէր եւ գաղտնի, անըմբռնելի ուժ՝ այդքա՜ն զոհաբերութիւններ վերցնող»։

Այդ մեծ գաղտնիքն ու անսակարկ Հայրենասիրութեան հրաշազօր ուժը մարմնաւորուեցաւ եւ վարակիչ դարձաւ Արամով։

Արամ Մանուկեան իր անունին կապեց այնպիսի՛ մեծագործութիւն, որ իրաւամբ կը հանդիսանայ արդի ժամանակներու հայ ժողովուրդի ճակատը պայծառացնող լուսաւոր, յաւերժ ճառագայթող աստղերէն։

Բուն անունով Սերգէյ Յովհաննիսեան՝ Արամ դիւցազնական Զանգեզուրի զաւակ էր, ծնած էր 1879ին, Ղափանի Զէյվա գիւղը։ Աւարտած էր Շուշիի Թեմականը, որ ժամանակի հայեցի դաստիարակութեան եւ յեղափոխական կազմաւորման հնոց էր։ Ուսումը շարունակելու սիրտ չունեցաւ Արամ, որովհետեւ Երկրի կանչը պատանի տարիքէն արդէն գրաւած էր իր միտքն ու հոգին։
Թեմականի աշակերտութեան շրջանին Դաշնակցութեան անդամագրուած, Արամ 1901ին ուղարկուեցաւ Պաքու՝ Անդրկովկասի նաւթային կեդրոնի հայ պանդուխտ բանուորներուն ազգային¬յեղափոխական պատրաստութեան ու կազմակերպման գործին լծուելու առաքելութեամբ։ Թէեւ Արամի սիրտը Երկիր անցնելու գաղափարական հուրով կþայրէր՝ հայ ազգային¬ազատագրական կենդանի պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելու մտասեւեռումով, բայց Պաքուի Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէն նախընտրեց իր մօտ պահել գաղափարական խոր համոզումներու տէր եւ կազմակերպական մեծ շնորհներով օժտուած երիտասարդ Արամը, որպէսզի շարունակէ դէպի Երկիր ուխտաւորներու պատրաստութեան պատասխանատու գործը։

1903ին Արամ յաջողեցաւ անցնիլ Կարս՝ հոնկէ Երկիր մուտք գործելու առաջադրանքով։ Բայց Կարսի Հնոցը ղեկավարող Դաշնակցութեան օրուան պատասխանատուները եւս նախընտրեցին իրենց մօտ պահել հայ երիտասարդութիւնը իր շուրջ համախմբելու եւ գործի լծելու բնածին տաղանդով առանձնացող գործիչին։ Արամ տարի մը մնաց Կարս, բայց տարաւ այնքան գործ՝ սահմանը անցնողներու գաղափարական ու մարտական պատրաստութեան եւ զէնքի փոխադրութեան գործի արդիւնաւոր կազմակերպման իմաստով, որ դաշնակցական իր գործունէութեան առաջին հանգրուանը պսակուեցաւ Կարսի Սերգէյի հռչակով։

1904ին վերջապէս արտօնուեցաւ Արամին, որ սահմանը կտրէ դէպի Վան՝ հոնկէ Սասուն անցնելու համար։ Բայց դարձեալ կեանքը տարբեր դասաւորում ստացաւ։ Վանեցիք ամրօրէն փարեցան արդէն Արամ անունով մկրտուած դաշնակցական գործիչին, որ այնուհետեւ մինչեւ 1916 թուականը, շատ կարճ ընդհատումով, ապրեցաւ ու գործեց Վասպուրական աշխարհի մէջ։
Վանի մէջ գործունէութեան այս երկարատեւ շրջանը Արամի կեանքին առանցքային բաժինը կազմեց՝ ազգային¬քաղաքական գործիչի անոր մեծ վաստակին ամրակուռ պատուանդանը հանդիսանալով։
Ոչ միայն Հ.Յ.Դ. Դուրան¬Վասպուրականի կազմակերպութեան մէջ, այլեւ ողջ Վասպուրականի հայութեան մօտ Արամ տարածեց Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանելու, համահայկական ու հասարակաց շահի պաշտպանութիւնը ամէն սկզբունքէ եւ օրէնքէ վեր դասելու գաղափարական ուսմունքը։

Օսմանեան կառավարութեան աչքին փուշը դարձած Արամին որքան ատեցին, այնքան ալ պատկառանքով յարգեցին Վան եկած ու գացած թուրք թէ քիւրտ իշխանաւոր պէկերն ու փաշաները։ Այն աստիճան, որ նոյնինքն թշնամին Արամի մէջ տեսաւ իր մեծագոյն ախոյեանը եւ «Փաշա» անուանեց զայն։

Պատահական չէր, հետեւաբար, որ պատմական վերիվայրումներով յղի այդ երկար ժամանակշրջանին, Արամ դարձաւ Վասպուրականի հայութեան հաւաքական ուժն ու կամքը մարմնաւորող անվիճելի ղեկավարը։ Ազգային¬քաղաքական ինքնակազմակերպման եւ պետական տարողութեամբ ենթակառոյցի ստեղծման առումով՝ Արամ բախտորոշ Գործ կատարեց վանի մէջ։ Արգասիքը եղաւ 1915ի Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, որուն ոգին եւ հուժկու բռունցքն էր Արամ։ Իբրեւ այդպիսին՝ ռուսական զօրքին ու հայ կամաւորական գունդերու յաղթական մուտքէն ետք, Արամ նշանակուեցաւ Վանի կառավարիչ, արժանանալով ոչ միայն վանեցիներու եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին վստահութեան, այլեւ ռուսական զօրքերու հրամանատարութեան հիացմունքին ու վստահութեան։

Բայց յատկապէս Արամի երեւանեան գործունէութեան մէջ տեսանելի ու ճառագայթող է ազգային ու պատմական առումով անոր մեծագործութիւնը։

1917ի Դեկտեմբերին իր Երեւան ժամանումէն մինչեւ 29 Յունուար 1919ի իր վախճանը, Արամ Մանուկեան բառին ամէնէն ամբողջական իմաստով Արարատեան Դաշտի ողջ հայութեան մարտունակութեան խտացեալ մարմնաւորումը դարձաւ։ Որբի եւ ողբի, գաղթականութեան եւ յուսալքումի, արշաւող թուրքէն սարսափահար եւ դէպի Ռուսաստան հայեացքը յառած ցանուցրիւ հայութենէն, ամիսներու վրայ տարածուող իր տենդոտ աշխատանքով եւ բազմութիւններ գերելու եւ ի մի բերելու, համախմբելու եւ կազմակերպ ամրոցի վերածելու իր տաղանդով՝ Արամ շունչ եւ մարմին տուաւ Հայաստանի անկախութեան նուաճումին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէյի յաղթական հերոսամարտներուն։

Դարձեալ պատահական չէր, որ հայոց նորագոյն պատմութեան օրհասական այդ պահուն՝ Երեւանի հայութիւնը «Դիկտատոր» կարգեց Արամին եւ անոր վստահեցաւ ազգային իր ճակատագրին դարբնումը։ Արամ արժանաւորապէս իրագործեց իր ուսերուն վրայ դրուած ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը եւ դարձաւ հիմնադիրը Հայոց Պետականութեան վերականգնումին։
Արամի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած ծաւալուն իր մենագրութեան մէջ, անդրադառնալով Երեւանի Յատուկ Կոմիտէի ղեկավարման շրջանին, Արշալոյս Աստուածատրեան կը վկայէ, թէ ինչպէ՛ս 5 Յունուար 1918ին, Սուրբ Ծնունդի օրերուն, յանուն Ազգային Խորհուրդին Արամ ընդհանուր զօրակոչ յայտարարեց եւ մեր ժողովուրդը, Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի իր աւանդական տօնախմբութեանց վերջ տալով, յօժարակամ փութաց տէր կանգնելու ազգային իր պարտաւորութեանց։ Այդ առիթով արձանագրուած է Արամի վարքագիծն ու մտածողութիւնը պարզող հետեւեալ յուշ¬պատգամը.¬

«Այսպիսի պայմաններում,¬ ասաց նա,¬ մեր ժողովուրդը հրաշքներ կարող է գործել։ Շատ անգամ առիթներ եմ ունեցել նկատելու, որ մեր գիւղացուն պարտաճանաչութեան զգացումը հարազատ է։ Գիտակցութեան նշան է այդ։ Ազգային Խորհրդի մի կոչը բաւարար է, որ նա իր համար այդ ազիզ օրին թողնի տուն ու տեղ եւ շտապի զէնքի տակ, երբ ստիպողական, հարկադրական ոչինչ չկայ։ Մինչդեռ ռուս կառավարութեան զօրակոչը գլուխ էր գալիս ահ ու սարսափի ազդեցութեան տակ։ Այսօր Օշականից ինձ մի այսպիսի դէպք պատմեցին։ Երբ Ազգային Խորհրդի կոչը հասնում է գիւղ, զինակոչի ենթակայ երիտասարդները պատրաստութիւններ են տեսնում Վաղարշապատ գալու՝ արձանագրուելու համար։ Գիւղի ունեւորներից մէկը, որ ամբողջ պատերազմի ընթացքում իր որդուն զանազան միջոցներով ազատել էր զօրակոչից, Ազգային Խորհրդի կոչը կարդալով՝ կանչում է որդուն եւ ասում.¬ «Բալա, էլ Աստուած ինձ ղաբուլ չի անի, որ պահուես։ Պատրաստուիր եւ Աստուած հետդ, բարի ճանապարհ, ո՛չ ոքից յետ չմնաս։

«¬ Ես մի բանից եմ վախենում,¬ շարունակեց Արամը,¬ վախենում եմ՝ մենք սեւերես դուրս գանք մեր ժողովրդի առջեւ, չկարողանանք կազմակերպել գործը եւ կորցնենք նրա հաւատն ու վստահութիւնը»։

Այս աստիճան պարտքի եւ պատասխանատուութեան զգացումով սեփական ժողովուրդին պաշտող Արամը անտարակոյս պիտի յաջողէր իր առաքելութեան մէջ եւ այդպէս ալ եղաւ։
Հայ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ընդառաջեց Արամի պատմական կոչին, իսկ ինք՝ հայոց անզուգական ղեկավարը արժանաւորապէս առաջնորդեց հայութիւնը դէպի հայրենակերտ յաղթանակ։
Արամի անփոխարինելութեան խոր համոզումը ունէր հայ ժողովուրդի ռազմական տաղանդին բացառիկ ներկայացուցիչներէն զօրավար Սիլիկեան, որ Մայիսեան յաղթանակներուն ընդհանուր հրամանատարը եղաւ։ Երբ 1917ի ձմեռնամուտին Թիֆլիսի մէջ բուռն քննարկումներ տեղի կþունենային ռուսական բանակին կողմէ լքուած հայ¬թրքական սահմանին համար Զինուորական Վարիչի պաշտօնին յարմար թեկնածու գտնելու հարցին շուրջ, Արամի նշանակման ընդդիմացող եւ փոխարէնը իր անձնական թեկնածութեան վրայ պնդող շրջանակներուն զօր. Սիլիկեան կը պատգամէր.¬

«Դժգոհները չեն ճանաչում Արամին։ Երբ ճանաչեն, կը համոզուեն, որ ներկայումս նա ՄԻԱԿ կարող մարդն էայդ պաշտօնին համար։ Ես ինչո՞ւ եմ հրաժարւում. որովհետեւ մէկ է՝ ես ինքս առանց Արամի ոչինչ չեմ անելու։ Ես այժմ էլ առանց Արամի հետ խորհրչակցելու՝ ոչ մի կարեւոր քայլ չեմ առնում. իսկ վարիչի պաշտօնը յանձն առնելու պարագայում, գրասենեակս տեղափոխելու եմ նրա մօտ։ Ոչ մի զինուորական վերարկու ո՛չ ոքի չի տայ այն՝ ինչ որ ունի Արամը»։

Այսօրինակ ազգային ղեկավար ու քաղաքական առաջնորդ էր Արամ եւ կենսագիրները միահամուռ կը վկայեն, որ եթէ անողոք հիւանդութիւնը չկտրէր կեանքի թելը Արամին, հայոց նորագոյն պատմութեան այս հսկան ի վիճակի պիտի ըլլար նաեւ առողջացնելու եւ ամրապնդելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմերը՝ մեր ժողովուրդին ազգային¬հասարակական միասնութեան եւ կենսունակութեան ներքին շաղախը։ Հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքն ու ուժը ջլատող ցեցերու դէմ պայքարի մեծ գործ կար տակաւին եւ յատկապէս Արամ ի վիճակի էր պատուով յաղթական իր աւարտին առաջնորդելու այդ պայքարը։

Բայց ճակատագիրը ընդհատեց Արամի կեանքը եւ անաւարտ թողուց անոր ձեռնարկած մեծ գործը։ Հայ ժողովուրդը արժանավայել յուղարկաւորութեամբ Արամը յանձնեց իր այնքան պաշտած մայր հողին։ Արշալոյս Աստուածատրեան այնքա՜ն դիպուկ նկարագրականով՝ «Արամի յուղարկաւորութիւնը ժողովրդական մեծ սգի արտայայտութիւն էր։ Հազարաւոր մարդիկ եկել էին վերջին յարգանքը մատուցանելու այն մարդուն, որին վստահել էին իրենց բախտը ամենածանր օրերին։ Ես գիտեմ, թէ ի՛նչ է եղել Արամը՝ Երեւանի համար, բայց եւ այնպէս, երբ դագաղը դուրս բերինք բնակարանից, այն, ինչ տեսայ դուրսը՝ մի վայրկեան սթափեցրեց մեծ կորուստի ազդեցութիւնից ու զարմանք պատճառեց ¬ աչքդ որ կողմ ուղղում էիր՝ ծով բազմութիւն. փողոց, տանիք, լուսամուտ, պատշգամ ¬ բոլորը բռնուած էին մեծ տարածութեան վրայ. ամբողջ քաղաքը՝ մեծ ու փոքր՝ դուրս էին եկել փողոց։ Պօղոս¬Պետրոս եկեղեցուց սկսած մինչեւ հանգստարան, դիակառքը մնաց դատարկ. դագաղը տանում էին ձեռքերի վրայ. եւ տանողները գլխաւորապէս վանեցիք էին, որոնք յատուկ սէր ու գուրգուրանք ունէին Արամի հանդէպ։ Դաշնակցութեան Տան առջեւ դամբանականներ խօսուեցին։ Հոյակապ էին եւ անմոռանալի Նիկոլ Աղբալեանի խօսքերը։ Հանգստարանում խօսեցին Յ. Քաջազնունին եւ Ա. Գիւլխանդանեանը։ Այդ օրը Հայաստանի մայրաքաղաքը խորունկ սուգի մէջ էր…»։

 


Ակնարկ. Սահմանափակող-Սահմանափակուող Գլխաւոր Խաղցողն Ու Գործիքը

$
0
0

Թուրքիոյ նախագահը միայն օրեր առաջ բացատրելով «Ձիթենիի ճիւղ» զինուորական ներխուժման նպատակը՝ կը յայտարարէր.  «Մընպեժը պիտի  ձերբազատենք ահաբեկիչներէն…որովհետեւ   անոնք անոր իսկական տէրերը չեն, այլ անոր իսկական տէրերը մեր արաբ եղբայրներն են:  Մեր  գործողութիւնները պիտի շարունակենք հասնելով մինչեւ իրաքեան սահման` վնասազերծելու համար բոլոր ահաբեկիչները»:

Միայն օրեր ետք՝ երէկ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը հաղորդէր, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը սահմանափակ է, եւ անոր թիրախը Աֆրինի շրջանին մէջ գտնուող ահաբեկիչներն են։

Անգարայի կողմէ իբրեւ թէ Սուրիան ահաբեկչազերծելու քաղաքականութեամբ արդարացուող ներխուժումը էութիւն եւ ուղղութիւն սկսած է փոխել երեւութապէս։ Իսլամական ժիհատի, ահաբեկչազերծման, քրտական գործօնի չէզոքացման դրօշներուն ներքեւ մղուող պատերազմը մղելով՝ Անգարան ըստ էութեան իր հին յանկերգն է, որ կը փորձէ իրականութեան վերածել։ Անվտանգութեան գօտիներու ստեղծման Անգարայի ծրագիրը, որ միշտ կը մերժուէր միջազգային համաժողովներուն, հիմա գետնի վրայ առարկայացման փուլեր կ՛արձանագրէ։

Անվտանգութեան գօտիի սահմանագծումը դիւրին չ՛ընթանար։ Որքան ալ համաձայնեցուած եւ թոյլատրուոած ներխուժում ըլլայ դէպի Աֆրին թրքական զօրքերու տեղաշարժը, այնուամենայնիւ որոշ գօտիներու մէջ մէկ քայլ առջեւ երկու քայլ ետեւ տեղապտոյտները տեսանելի կը դառնան։

Երբ այդ սահմանափակման մասին ակնարկութիւն կը կատարէ պաշտօնական Անգարան, խորքին մէջ անիկա թրքական ուժերուն պարտադրուած սահմանափակում մըն է։ Քրտական զինեալ խմբաւորումները այնքան մը պիտի չչէզոքացուին, որ Անգարան կարենայ իր առաջադրած գօտիները իր վերահսկողութեան տակ առնել։ Միաժամանակ սակայն, Սուրիոյ տարածքին քիւրտերու աշխարհագրական միաւորումը տեղի պիտի չունենայ, որպէսզի իրողապէս ինքնավար իրավիճակը կայացման միտումներ չպարզէ։

Ուժերու հաւասարակշռումի այս խաղի կանոնները որոշ առումով կը թելադրէ գլխաւոր խաղացող Ռուսիան, որ ահաւասիկ ստանձնած է միջնորդութիւնը քրտական ուժեր-Դամասկոս բանակցութիւններու գործընթացին։

Այդ բանակցութիւնները կը նպատակադրեն Աֆրինի վերահսկողութիւնը յանձնել պաշտօնական Դամասկոսին։

Եթէ ատիկա իրականանայ, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանուի մինչ այդ պատահածը։ Անգարան կանաչ լոյս կը ստանայ Մոսկուայէն սկսելու ներխուժման գործողութիւնը։ Համեմատաբար արագ ներխուժման կը յաջորդեն լուրջ դիմադրութիւններ։ Կը վերագրաւուին դիրքեր, որոնք քիւրտերը կորսնցուցած էին։ Քիւրտ-թուրք պատերազմը որոշ տեղեր կը կերպարանափոխուի եւ կը վերածուի կառավարական  եւ անոնց յենած ժողովրդային ուժերու  եւ սուրիական ընդդիմադիր ուժերու միջեւ ընդհարումներու։Կտրուկ կշռոյթներով կը գրաւուին, կը կորսնցուին եւ կը վերագրաւուին կարեւոր դիրքեր։

Այս բոլորին զուգահեռ միայն օրերու տարբերութեամբ թրքական յոխորտանքները մինչեւ իրաքեան սահման ներխուժումը ծաւալելու կը վերածուին սահմանափակուելու որոշումներու։ Մինչ, քաղաքական բանակցային գործընթացը թէ՛ Աֆրինի ճակատագիրը ճշդելու տեղական առումով եւ թէ՛ Սոչիի բանակցութիւնները դարձեալ գլխաւոր միջնորդի նախաձեռնութեամբ՝ Սուրիոյ տագնապի հանգուցալուծման ուղիներ ճշդելու, տեղի կ՛ունենան միեւնոյն օրերուն։

«Ա.»

 

Սրտի Խօսք` 80-ամեայ «Արարատ» Օրաթերթին Տարեդարձներու Թելադրանքը

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Տարբեր առիթներու անդրադարձած ենք ընդհանրապէս հայ եւ ի մասնաւորի լիբանանահայ մամուլին: Մամուլ, որ իր ծնունդէն ցայսօր կը շարունակէ իր գոյամարտը յանուն գաղութահայ կեանքի պահպանման, հայ գիր ու գրականութեան տարածման, պատմութեան ու մշակոյթի առաւել ճանաչողութեան, հասարակական կեանքի աշխուժացման, ազգային արժէքներու փոխանցման, ինքնութեան, նկարագիրի թէ ճակատագիրի բացայայտման ու յայտնապէս` ամրագրման:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ գաղութահայ մամուլի էջերուն մէջ գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութիւն են վերանկախացած Հայաստանն ու ազատագրուած Արցախը, որոնք, իրենց կարգին, լոյս ու կորով կը ներշնչեն սփիւռքացած մեր կեանքին ու դժխեմ առօրեային:

Պարզ ասած, տասնամեակներ շարունակ գաղութահայ մամուլը, կառչած մնալով իր  առաքելութեան` հաւաքական կեանքի հարազատ ու կենդանի թարգմանը ըլլալու, հասարակական մտածողութիւն ձեւաւորելու, գաղափարական սնունդ ու դաստիարակութիւն ջամբելու, սերունդներ հայացնելու եւ մասամբ նորին, փորձեց մնալ պատնէշի վրայ, հաւատարմօրէն ծառայեց իր գաղափարական դաւանանքին սակայն, ժամանակի դառն գլանին ընդառաջ, տակաւ սկսաւ կորսնցնել իր ներքին ուժականութիւնը, բազմաբնոյթ պատճառներու առկայութեան:

Ու հասանք մեր օրերը…

Օրեր, արհեստագիտական նուաճումներու, մարդկային կեանքի եւ ընթացքի արտասովոր թաւալումին, թուղթի, մելանի, գրիչի ու մտաւորական աշխատանքի հանդէպ հետաքրքրութիւններու գրեթէ շիջումին, բայց մանաւանդ` տպագիր մամուլի նկատմամբ անտարբեր ու անհոգի վերաբերումի:

Վերեւ նշեալ մտահոգութիւնները, բնականաբար, նորութիւն չեն: Իսկ հայ մամուլին վիճակուած ճակատագիրն անգամ գուշակելը այդքան ալ դժուար չէ: Վիճակ, որ կը ներարէ ներկան ու ապագան: Իրօք, ստեղծուած վիճակ, որուն դէմ յանդիման կը գտնուինք բոլորս, գիտակից ենք պատահածին, կը շարունակենք թիավարել հոսանքն ի վեր, կ՛աշխատինք տիւ եւ գիշեր շրջանցել խոչընդոտները, սակայն հիմնական հարցադրումը կը մնայ այն, թէ մինչեւ ե՞րբ հայ մամուլը պիտի կարենայ տոկալ եւ դիմանալ, ապրիլ եւ ապրեցնել թերթն ու լրագրողը, խմբագիրն ու աշխատակիցը եւ ընդհանրապէս հայ ընթերցողը:

Արդարեւ,

Իբրեւ մամուլի սիրահար(ներ) եւ մոլի ընթերցող(ներ), ճիշդ է, որ մեր աջակցութիւնն ու գնահատանքը պէտք է յայտնենք, ի հարկին քաջալերենք մեր յօդուածագրութեամբ, այդուամենայնիւ, տուեալ մամուլը կամ ընդհանրապէս հայ մամուլի ներկայացուցիչներ իրենց կարգին կը գտնուին մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնց շրջանցումով կարելի պիտի ըլլայ վերաշխուժացնել, վերաորակաւորել եւ, ըստ ժամանակի հրամայականին, վերապատուաստել ամբողջ կարգն ու սարքը, լոյսին բերելով մեր շրջապատին մէջ գոյութիւն ունեցող նորարար աշխատելաձեւեր, ընկալումներ եւ մտածողութիւն, որպէսզի կարենայ տուեալ մամուլը, գէթ յառաջիկայ տարիներու թաւալքին դիմաց իր ներկայութիւնն ու հեղինակութիւնը փաստել:

«Արարատ» օրաթերթի 80-ամեակ:

Սրտի խօսք ու արդար ակնկալութիւն, յանուն հայ թերթի պահպանման:

Պատմութեան համար յայտնենք, որ «Արարատ» օրաթերթի մեր ծանօթութիւնը դեռ 1980-ական թուականներէն կու գայ, հեռաւոր տարիներէ, երբ ծանօթացած էինք Աւետիս Ռազմիկի գրիչին: Ան` տուեալ ժամանակի երիտասարդ ու գրականութեան նուիրեալ տղեկ մը, որ գրեթէ շաբաթական դրութեամբ իր յօդուածներով կը համեմէր տուեալ օրաթերթը: Իրօք, Աւետիս Ռազմիկի հայրենասէրի ու գաղափարապաշտի նկարագիրը զինք զատորոշած էին ուրիշներէ, այլապէս իր մարդամօտի, ընկերասէրի ու ազնուահոգի կազմաւորումին շնորհիւ:

Եւ ահա, որպէս առարկայական աշխատանք, կարիք զգացինք թերթատելու սոյն տարուան վերջին ամիսներու հաւաքածոն: Ճիշդ է, որ պատեհ առիթներու, երբ մեր տրամադրութեան տակ կ՛ըլլայ «Արարատ»-ի թիւ մը, անպայման որ կ՛արժանանայ ընթերցման:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ թերթը, թէեւ ունի գաղափարական-կուսակցական յստակ ուղղութիւն, այդուամենայնիւ կ՛ընդգրկէ այլազան նիւթեր եւ յօդուածներ: Փաստօրէն, 4 էջնոց թերթին մէջ կը տողանցեն, առօրեայ լրատուութեան կողքին, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կնոջական, հոգեբանական, գիտական, արուեստի թէ մարզական էջեր: Մտահան պէտք չէ ընել ամէնէն հիմնականը` հրապարակագրական բաժինը, որ, ըստ իս, ամէնէն էականն է թերթի մը համար:

Հրապարակագրութիւնը, այսինքն` ինքնագիր յօդուածագրութիւնը, թերթի մը համն ու հոտն է, իր բովանդակ իմաստով եւ կարեւորութեամբ: Իսկ ինչ կը վերաբերի յօդուածագիրներու այլազանութեան, նաեւ այս առումով մենք կը հանդիպինք այլազան գրիչներու, ինչպէս` Զաւէն Գ. Ղարիպեան, Համօ Մոսկոֆեան, Սագօ Արեան, Անուշ Թրուանց, Պարոյր Աղպաշեան, Թորոս Թորանեան, Յարութ Սասունեան, Յարութիւն Իսկահատեան, Մովսէս Հերկելեան, Յովել Շնորհօքեան, Համբիկ Մարտիրոսեան եւ ուրիշներ:

Գնահատելի են Անի Թորանեանի թէ Վիգէն Թոսունեանի պատրաստած էջերը (մշակութային, կնոջական, գիտական եւ այլն): Թերթը ունի աշխատակիցներ տարբեր երկիրներէ: Շատ անգամ արտատպումները իրենց տեղը ունին, ինչպէս նաեւ` գրախօսական գրութիւնները, որոնք յաւելեալ բուրմունք կու տան թերթին:

Չենք խօսիր Հայաստանի, Արցախի թէ ընդհանրապէս հայութիւնը յուզուղ լրագրական թէ տեղատուական գրութիւններու առկայութեան մասին, կան նաեւ` տեղական-քաղաքական կեանքի անդրադարձները:

Այդուհանդերձ, հայ մամուլի սիրահարն ու մոլի ընթերցողը ունի նաեւ յստակ ակնկալութիւն, այն առումով, որ ամէն գնահատանք պէտք է պարուրուած ըլլայ քննադատական արտայայտութիւններու երանգով մը: Հաւատացողն ենք, որ ամէն քննադատութիւն խայծ մըն է դէպի լաւը երթալու, աւելի լաւին ձգտելու:

Յօդուածի սկիզբի մօտեցումները չկրկնելու համար հարկ է արձանագրել քանի մը նկատողութիւններ, որոնք, ըստ մեզի, պիտանի են, եւ որոնք յաւելեալ փայլ ու կորով կրնան փոխանցել որեւէ թերթի եւ գրասէր շրջապատի:

Առաջին հերթին` լեզուն: Զանց առնելով լեզուական առկայ խորթութիւնները (գրեթէ բոլոր տպագիր թերթերու պարագային), հայ մամուլը կը տառապի լեզուական բազմապիսի սայթաքումներէ` ուղղագրական, շարահիւսական, քերականական թէ ընդհանրապէս հրապարակագրական ոճի, որոնց յապաղումը, թէեւ ունին որոշակի բացատրութիւն, այդուհանդերձ ներելի չեն հայ մամուլին համար, այնքան ատեն որ անիկա լծուած է պաշտպանելու արեւմտահայերէնը, հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը: Ա՛լ չենք խօսիր գաղափարական, հանրային մտածողութիւն եւ վճիտ լեզուով եւ ոճով հրապարակագրութիւն մատուցելու մասին:

Ապա, նոյնքան կարեւոր է, թերթի մը համար, առաջնորդող յօդուածներու կամ խմբագրականներու ներկայութիւնը: Այլ հարց, որ անոնք պէտք է ընդգրկեն սեփական տեսակէտի, կեցուածքի, համոզումի ու հանգամանքի փայլուն դրսեւորումներ, եւ ոչ թէ անտեղի եւ շաղակրատ նախադասութիւններ:

Արհեստավարժութիւնը, այսինքն` մարդուժի պատրաստութիւնը, իր բովանդակ իմաստով, պէտք է, որ կլանէ որեւէ թերթ թէ ամսագիր: Այլ խօսքով, երբ մասնագէտ յօդուածագիրներ (բոլոր բնագաւառներու) կը բացակային որեւէ թերթէ, արդէն իսկ մեղանչում մըն է, որ կը կատարուի, մանաւանդ մեր ժամանակին, որ կը խնայէ ոչ ոքի: Ինչպէս մամուլի լիաժամ աշխատակիցը, որ կը ստանայ նիւթական թէ բարոյական գնահատանք, նոյնպէս ալ յօդուածագիրը արժանի է նման մօտեցումի:

Վերջապէս, տպագիր մամուլը, մանաւանդ այս օրերուն պարտաւոր է ունենալ  հետախուզական աշխատանք, որով պիտի կարենայ լոյսին բերել ներհայկական թէ ընդհանրապէս արտաքին աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող անարդարութիւններ, ինչպէս` փտածութիւն, հասարակական կեանքի շողոքորթութիւն, ճշմարտութեանց ամրագրում, աղքատութիւն, գողութիւն, ստապատիր կեցուածքներու թէ խօսքերու բացայայտում  եւ այլն, եւ այլն: Մէկ խօսքով մամուլը պէտք է ունենայ կամք, ուժ եւ յախուռն կեցուածք քննարկելու հարցեր ու բազմերանգ մտահոգութիւններ:

Գիտենք, համաշխարհայնացման այս լպիրշ օրերուն, երբ ազգեր ու պետական կառոյցներ զոհ կը դառնան հրէշային ծրագիրներու, երբ պետութիւններ անգամ կը քանդուին, ժողովուրդներ կը յօշոտուին, քաղաքական քարտէսներու հաշուոյն աշխարհագրական սահմաններն անգամ կ՛անճիտուին, ա՛լ ինչ խօսք մեզի նման փոքր ածուին մէջ ծառայողներու:

Այդուամենայնիւ, հաւատացողն ենք, երբ իւրաքանչիւր թերթ իր ետին ունի պատմութիւն մը ամբողջ, փորձառութիւն մը եզակի, բազում նուիրեալներու (հին թէ նոր) ընտրանի, ապա կրնայ շրջանցել այս օրերու դժուարութիւնները եւ ապահով քալել դէպի մօտիկ ապագայ, այլապէս ի զուր են մատուցուած ծառայութիւնները:

Իմ կարգիս, հաւատացողն եմ նաեւ այն ճշմարտութեան, որ եթէ երբեք հայ մամուլը կ՛ուզէ յաղթահարել ներկայ ահաւոր ու դժխեմ պայմանները, ապա պէտք է որ լծուի, գէթ մասնակիօրէն, յայտարարելու հայ մամուլի միացման օր, այսինքն` հայ մամուլի ներկայացուցիչներ, իրենք իրենց մէջ գտնեն այն ուժը, եռանդն ու պատրաստակամութիւնը, արտատպելու յօդուածներ քոյր թերթերէ` զանց առնելով քաղաքական կողմնորոշումներ, գաղափարական թէ դաւանանքի ուղղութիւններ, պատմական, գրական թէ արուեստի այլազան մօտեցումներ:

Այլ ասած, արդեօք ժամը չէ՞ հասած, միասնականութեան ոգին սնուցանելու նաեւ գործնապէս, երբ առկայ է վերանկախ հայրենիք եւ արծուեբոյն Արցախ:

Ահա մարտահրաւէր մը, ապագայակերտ խայծ մը, որուն սնուցումը մեզմէ կախեալ է առանձնապէս, մէկդի շպրտելու անցեալի անհեթեթ ու տեղայնամիտ միտքերը, մօտեցումներն ու կեցուածքները եւ լծուելու ներկայի առաւել աշխուժացման եւ պայծառացման:

Բարի երթ «Արարատ»-ի տնօրէնութեան, խմբագրական կազմին, բոլոր աշխատակիցներուն եւ գաղափարական ընտանիքին:

 

2017

Իմ Մեծագոյն Ցանկութիւնն Է, Որ Արցախը Եւ Ազրպէյճանը Կողք-Կողքի Ապրին Խաղաղութեամբ. Ըսաւ Եւրոպացի Պատգամաւորը

$
0
0

Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Լարս Ատաքթուսոնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 25 յունուարին այցելած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին: Հանդիպումին կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Վահրամ Բալայեանը, ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի ղեկավար Գասպար Կարապետեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

«Արցախփրես»-ի թղթակիցի հաղորդումով, յունուար 27-ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Լարս Ատաքթուսոնը ըսած է. «Շատ տպաւորուած եմ Արցախի ժողովուրդով: Ի հարկէ, այստեղ մենք գործ ունինք հասարակութեան մը հետ, որ ճնշման տակ կը գտնուէր, բայց ասիկա ժողովուրդ մըն է, որ կը ձգտի ապրիլ լաւ կեանքով եւ կառուցել ժողովրդավարութիւն: Իմ մեծագոյն ցանկութիւնն է, որ  օր մը Արցախը եւ Ազրպէյճանը կողք-կողքի կարենան ապրիլ խաղաղութեամբ, եւ հակամարտութիւնը լուծում գտնէ»:

Ամփոփելով երկօրեայ այցը` պատգամաւորը ըսած է, որ տարբեր հանդիպումներ ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահին, Ազգային ժողովի նախագահին, Եւրոպայի հետ բարեկամութեան խումբի անդամ պատգամաւորներու, կրթութեան, գիտութեան ու մարզական, մշակոյթի, երիտասարդութեան ու զբօսաշրջութեան, արտաքին գործերու նախարարներուն, ինչպէս նաեւ բրիտանական ոչ կառավարական «Halo Trust» ականազերծող կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ, ծանօթացած է անոնց կողմէ տարուող աշխատանքներուն:

«Այս շատ կարճ ժամանակահատուածին մէջ մենք ունեցանք ուսուցողական եւ յագեցած ծրագիր, որուն ընթացքին շատ տեղեկութիւններ հաւաքեցինք: Հակառակ անոր որ իմ այցելութիւնս անհատական բնոյթ կը կրէր, այնուամենայնիւ, շատ կարևոր են նման այցերը` Արցախի մասին աւելի ընդհանուր և խորը պատկերացում ունենալու համար: Ես Եւրոպական խորհրդարանի մէջ արտաքին յարաբերութիւններու յաձնաժողովի անդամ եմ, բայց միեւնույն ժամանակ` մարդու իրաւունքներու ենթայանձնաժողովի անդամ, եւ մարդու իրաւունքները իմ աշխատանքիս մէջ կեդրոնական տեղ կը զբաղեցնեն: Մենք մեր տարբեր հանդիպումներուն ընթացքին քննարկած ենք նոր սահմանադրութիւնը, մարդու իրաւունքները եւ հակամարտութեան ամբողջ տողատակը: Մարդու իրաւունքները շատ կարևոր են, քանի որ անոնք որեւէ ժողովրդավարութեան հիմքն են, անկիւնաքարը: Ես գիտեմ, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը կը ղեկավարէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը, բայց կը կարծեմ, որ, ընդհանրապէս, մենք` եւրոպացիներս, պէտք է աւելի աշխուժ դեր խաղանք խաղաղութեան տարբեր նախաձեռնութիւններու մէջ, որպէսզի երկխօսութիւնը աւելի աշխուժ ընթանայ: Խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը շատ կարևոր են այստեղ ապրող մարդոց համար, բայց ատոնք կարեւոր են նաեւ եւրոպացիներուն համար», ըսած է Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորը:

Լարս Աթաքթուսոնի գրասենեակի տնօրէն Չարլի Վէյմարսն ալ անդրադարձած է Արցախի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումներուն` մասնաւորապէս նշելով, որ սահմանդրական փոփոխութիւնները շատ բնական գործընթաց են ժողովրդավարութեան համար, եւ հարկ է ընդգծել, որ փոխուած է դատաւորներու նշանակուելու կարգը:

«Կը կարծեմ` ժողովրդավարական զարգացումն Արցախի մէջ ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ: Եւ այն փաստը, որ դատաւորները կ՛ընտրուին խորհրդարանին կողմէ, արդէն իսկ ցոյց կու տայ, որ դատաւորներու ընտրութեան գործընթացը կ՛ապաքաղաքականացուի: Դուք ուղղուած էք դէպի Եւրոպա, եւ օրէնքի գերակայութիւնը եւրոպական հասարակութեան, քաղաքական համակարգերու ամենագլխաւոր բաղադրիչներէն է, բայց ատոր կողքին, շատ կարևոր է մարդոց կեանքի որակը բարելաւելու սկզբունքը եւ նպատակը: Մենք տեսանք այստեղ այդ կամքը, որուն համար շատ ուրախ ենք»,- ըսած է Չարլի Վէյմարսը:

Ասուլիսին ներկայ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի ղեկավար Գասպար Կարապետեանն ալ նշած է, որ իրենց աշխատանքին մեծ մասը նուիրուած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին, աւելի բարեկեցիկ կեանք ունենալուն, եւ իրենք իրենց ուժերու ներածին չափով պիտի փորձեն իրական ապագայ ստեղծել ժողովուրդի համար:

«Այս շրջանին մեր հիմնական աշխատանքն է շփման գիծին վրայ տեղադրել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի նախաձեռնութեամբ անվտանգութեան համակարգը, որ պէտք է ստուգէ, թէ ո՛ր կողմը կը խախտէ զինադադարը, որպէսզի մեր երիտասարդները չտուժեն: Այս տարի կը լրանայ արցախեան շարժման 30-ամեակը, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Արցախի առաջին համագումարի 100-ամեակը: Այս տարի պէտք է փորձենք մինչեւ տարեվերջ ունենալ զանազան ձեռնարկներ` նշելու մեզի համար շատ կարեւոր այս իրադարձութիւնները», ըսած է Գ. Կարապետեանը:

Ասուլիսին Լարս Աթաքթուսոնը պատասխանած է նաև լրագրողներու կողմէ հնչած հարցերուն:

Հատորի Մը Ծնունդը

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Անակնկալ հեռաձայնը տպարանէն էր: Լսափողը կը հաղորդէր, որ անհամբեր սպասած իր հատորը արդէն լոյս տեսած էր, տպուած` կազմ ու պատրաստ իրեն կը սպասէր: Արագ մը տպարան վազեց` առանց նոյնիսկ իր կողակիցին մնաք բարով մը  ըսելու: Անկասկած, որ մտքին մէջ անաւարտ յուզումներ կային:

Այսօր այնպէս կ՛երեւէր, որ իրեն համար ուրիշ օր էր, կը հալածէր երեւակայութիւնը: Աչքերուն մէջ բացուած գիրքի նման կարելի էր կարդալ ե՛ւ մտահոգութիւն, ե՛ւ կամք ու սէր, եւ քիչ մըն ալ, ինչո՞ւ չէ, ուրախութիւն:

Բայց ինչո՞ւ` հարց կու տար ինքնիրեն: Իրականութիւն էր, որ այս մէկը առաջին հատորը չէր, որ լոյս կ’ընծայէր: Սակայն եւ այնպէս կը թուէր իրեն, որ այս մէկը իր «անդրանիկն» էր, հակառակ անոր որ անկէ առաջ վեց ուրիշներ լոյս աշխարհ եկած էին, հանդարտ ու անաղմուկ:

Ուստի իր առաջին զաւկին ծնունդը դիմաւորողի եւ դէպի մայրանոց «վազող»-ի հեւքով մը տպարան մտաւ` անտանելի անհամբերութեամբ:

Պէտք է ըսել, որ տարիներով իր ազատութիւնը եւ աշխատութիւնը սեղանին կապած էր եւ ամէն առիթներով իր գրիչով ամէնօրեայ մտածումները չափած էր: Անոր համար էր, որ յուշերով անոնց սքանչացումով կ՛ապրէր: Եւ եթէ իրապէս կարողանար բառերը կեանքի կոչել, անոնք բոլորը միասին պիտի արձագանգէին, որ այսքան ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն կայ, որովհետեւ այս վերջին հատորը նուիրած էր իր ծննդավայր Հալէպի 70-ամեայ այն հայկական մտքի եւ հոգիի կեդրոնին, որ Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարան կը կոչուէր:

Արագ մը տպարան մտաւ: Տպարանատէրը շատ սիրալիր իրեն յանձնեց նոր հատորէն օրինակ մը` միաժամանակ շնորհաւորական եւ «աչքը լոյսի» խօսքեր ալ ըսելով:

«Աստուա՜ծ իմ,- բացագանչեց անօրինակ եւ ուրախ ձայնով,- այս ի~նչ գեղեցիկ է եւ հիանալի: Չի նմանիր իր նախկիններուն, իր միւս «եղբայրներուն»: Տարբեր է: Այս մէկը իրապէ՛ս, որ տարբեր է»:

Վայրկեանին խորունկ համոզումով բան մը կարծես դէպի իրեն հասած ըլլար: Ներքին` յուզումնախառն հպարտութեան նման զգացում մը, եթէ կ’ուզէք: Անմիջապէս բացաւ գիրքը ու անոր փայլուն կողքը իր դողացող մատներով խնամքով մը շօշափելէ ետք, սկսաւ ագահի նման թղթատել: Ապա տպարանի խճողուած սեղանին մօտ գտնուող բազկաթոռը իրեն մօտեցնելով` մէջը աճապարանքով մը տեղաւորուեցաւ: Բազմեցաւ իր գահին` նոր ստացած արքայի մը նման:

Հիմա ինքն ու նոր հատորն էին: Մէկը շունչ եւ ոգի, իսկ միւսը` սեւի վրայ ճերմակ թուղթերու հաւաքածոյ մը: Այլեւս իրեն համար ա՛լ լսելի չէր տպարանին բնական աղմուկ-ժխորը: Կարօտն ու խանդավառութիւնը ներկած էին իր վայրկեանները:

Ու լռութեան եւ ձայնին տակ փորձեց իր ինքնութիւնը որոնել:

Յիշեց: Երկա~ր օրեր յատկացուցած, որոնած, հաւաքած եւ մէկ առ մէկ կարդացած եւ բծախնդրօրէն վերամշակած էր հատորի բովանդակութեան իւրաքանչիւր էջ եւ տող, որոնք ցրուած էին մամուլի էջերուն մէջ, եւ որոնք նոյն ատեն ընթացած էին հոսանքէն քշուած երազներու նկարներով: Եւ վերջապէս, տպարան չտարած, զանոնք յանձնած էր իր անկեղծ գրչընկերներէն մէկուն` առ ի խմբագրութիւն:

Է~հ, ինչ բարի էին ժամանակները, երբ ծնունդ եւ վերակենդանութիւն կու տային այս բոլորը յուշերուն:

– Իսկ ի՞նչ է այս հատորի բովանդակութիւնը,- հարց տուած էին շուրջինները` իրենց հետաքրքիր բառերուն խառնելով նաեւ ապշահար նայուածքներ ալ:

Ու առ ի պատասխան, անկեղծ արդարացումով մը պատասխանած էր, որ` «Յիշեալ նոր հատորին բովանդակութիւնը կազմող բոլոր նիւթերը, որոնք թէեւ նախապէս հրատարակուած էին մամուլի եւ իր նախկին հատորներուն մէջ, եւ որոնցմէ շատերը թէեւ ունէին շուրջ քսան տարուան կեանք, սակայն իրեն համար տակաւին կը պահէին իրենց այժմէական խորքը, թարմութիւնն ու շահեկանութիւնը: Հասկցա՞ք»:

Այլ խօսքով, սփիւռքի մայր գաղութի զաւակ ըլլալով` ան փորձած էր վերակազմել անոր կեանքը: Տողերու եւ սիւնակներու տողանցումով «խօսած էր» իր այդ ծննդավայրին մասին: Հէ՜յ, հո՛ն կային ոչ միայն աչքի զարնող ելեւէջներով յուշեր, այլ նաեւ` խոնարհ դէմքերու յիշատակումներ եւ «մայր» գաղութ իր այցելութիւններէն անկեղծ տպաւորութիւններ, այս բոլորը, սակայն, կեանքը ներարկող խանդավառ դրուագներով:

Ինք կը հաւատար, որ հոն կեանք մը ապրած էր կարճ պատմութեան մը նման ու հիմա փորձած էր, իր իսկ բառերով ու իր սրտին արթնցող բաբախումներով, զայն վերակենդանացնել: Այս ձեւով կ՛ուզէր հաւատալ հաւատքին: Կ՛ուզէր իր այս «նոր»-ով իր հին գարուններուն վերադառնալ:  Տարիներով ապրած էր եւ կ՛ապրէր հայ ըլլալու եւ մնալու հաճելի եւ դժուար իրականութիւնը` կեանքի յաճախ մռայլ հրապարակներուն վրայ: Համրելով ու ապրելով իր օրերը, նաեւ հանդիպած էր, մարդոց թունաւոր ուրախութեան կողքին, թունաւոր ատելութեան ալ: Ճանչցած էր տառապանքը, ուրախութիւնն ու անգործութիւնը եւ զինաթափ` յաճախ կեցած էր կեանքի անակնկալներուն առջեւ: Անոր համար էր, որ մանկութեան օրերու աստղերը հեռուէն արցունքով իրեն կը ժպտային: Ու անկեղծօրէն, յաճախ ալ գինովցած էր այդ լացով ու խնդուքով, ու մանաւանդ` իր նախկիններու նկարներով: Երբեմն բառերու սուտ խանդավառութեամբ գոհացած էր: Ու յաճախ ալ անիծած էր անորոշը, բայց մէջը միշտ պահած էր երազը:

Հանդիպած էր տիպարներու, որոնց դէմքերուն վրայ հայու հոգին կը ցոլար: Ու իր հոգիին խորը ապրած էր հայ ու մնացած էր այնպէս, ինչպէս որ էր նախապէս, ինչպէս որ կար:

Փորձած էր վերակազմել եւ վերամփոփել դէպքերը, ապրելու համար հինը, զգալու համար անցեալը, որովհետեւ ինք միշտ մեծ ցանկութիւնը ունեցած էր իր հինը վերյիշելու եւ ապրելու:

Ահա իր հեքիաթային ծննդավայրի յատուկ իր երազած հատորը:

Իսկ հիմա, միայն աղուոր ժպիտ մը ունէր խոնաւ աչքերուն տակ: Մտածումները անհետացած էին անծանօթ մշուշի տակ: Ուստի ոտքի ելաւ ու նոյն այդ ձեռքի հատորը ամուր մը կուրծքին սեղմած դուրս վազեց: Ու հազիւ ինքնաշարժ հասած, այս անգամ տպարանատէրը ինք անձամբ ետեւէն հասնելով` իր այդ երազէն սթափեցնողի արագութեամբ յիշեցուցած էր.

– Հապա մնացեալնե՞րը…

 

 

Սլաք. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի…«Ձիթենիի Ճիւղ»-ի Յայտարարութիւնը

$
0
0

ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ

19 յունուար 2018-ին թրքական բանակը «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեամբ լայնածաւալ յարձակումի անցաւ Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին ու անոր շրջակայ գիւղերուն դէմ:

Աֆրինը մեծամասնութեամբ բնակուած է քիւրտերով, մաս կը կազմէ քիւրտ Ռոժաւա հեռանկարային հանրապետութեան եւ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հովանաւորութիւնը վայելող քիւրտ զինեալ կազմակերպութիւններու տիրապետութեան տակ:

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը յայտարարութեամբ մը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ բանակի «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան եւ յաջողութիւն մաղթած` անոր, աւելցնելով, որ պիտի աղօթէ ահաբեկչական գործունէութեան վերացման, խաղաղութեան ու տրամաբանութեան ընթացքի հաստատման համար («Հուրրիէթ Տէյլի Նիուզ», 23 յունուար 2018):

Քաղաքական եւ շրջանային ուժերուն նպատակներուն եւ դիրքերուն վերլուծումը չէ այս փորձը, այլ ճիգ մը հասկնալու եւ հասկցնելու` Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին մէկ կեցուածքը:

Ցարդ, մարդկային պատմութեան ամբողջ ընթացքին, Նոյ նահապետէն սկսած, ձիթենիի ճիւղը խորհրդանշած է փոթորիկի վերջ եւ խաղաղութեան սկիզբ: Թուրքը այդ անուան տակ նպատակադրած է իրագործել ճիշդ հակառակը` նոր փոթորիկի սկիզբ եւ խաղաղութեան յաւելեալ խորտակում. յարձակիլ Սուրիոյ վրայ (անգամ մը եւս), բնաջնջել քրտական սահմանակից բնակավայր մը եւ զէնքի ուժով հաստատել թրքական ազդեցութեան գօտի Սուրիոյ մէջ` ի հեճուկս սուրիական անկախութեան եւ քրտական ինքնավարութեան:

Ճիշդ է, որ քիւրտերը պատմութեան ընթացքին հայութեան մեծագոյն պատուհասներէն մէկը եղած են, բայց երբեք կարելի չէ մեզի հասած վնասի այդ ծաւալը բաղդատել թուրքերուն եւ թաթարներուն հասցուցած աղէտներու ծաւալին: Ճիշդ է, որ քիւրտերը հայոց դէմ գործադրուած բոլոր ջարդերուն ու 1915-ին սկսած Ցեղասպանութեան գլխաւոր գործիքներէն մէկը եղած են, բայց ծրագրողը, հովանաւորը, օրէնսդիրը եւ գերագոյն գործադիրը թուրքը եղած է: Այս տողերով քիւրտերուն մեղքերը չեն քաւուիր անշուշտ, եւ տակաւին ունին իրենց յանցանքի պատկառելի բաժինը: Ներկայիս քիւրտերու գոնէ քաղաքական ներկայացուցչութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը յայտարարէ, որ կը ձգտի ժողովուրդներու հաւասարութեան եւ իրաւունքներու ձեռքբերման: Նաեւ Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի քրտական կազմակերպութիւնները կը միտին ինքնավարութեան եւ ի վերջոյ` անկախութեան. թէ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ որքա՛ն իրատեսական կամ իրագործելի են այդ նպատակները, այլ հարց է եւ այլ հարթակի քննարկումի առարկայ, սակայն ազատութեան եւ ինքնավարութեան ցանկութիւնները հիմնական մարդկային իրաւունքներ են հաստատուած բոլոր միջազգային ուխտերու կողմէ:

Այժմ, պահ մը, հարկ է թուարկել, թէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը ի՞նչ կը շահի եւ ի՞նչ կը կորսնցնէ այս յայտարարութեամբ:

Օգուտները.-

– Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալինին շնորհակալական խօսքը եւ արտայայտութիւնը, որ «միասնականութիւնը իրենց մեծագոյն ուժն է»:

– Կարգ մը հայ անհատներու (կրօնական եւ աշխարհական) վստահութեան ամրագրումը` թուրք իշխանաւորներուն մօտ: Պետրոս Շիրինօղլուի եւ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի վերջին հանդիպումին ներկայ եղած էր նաեւ արտաքին նախարարութեան (կը շեշտենք` արտաքին գործոց նախարարութեան) նախարարի խորհրդականը… Կապ մը կա՞յ արդեօք Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին վրայ մեծ հեղինակութիւն ունեցող Շիրինօղլուին եւ արտաքին գործոց նախարարի խորհրդականին` Էրտողանին հովանիին տակ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ու պատրիարքարանին յայտարարութեան մէջ…

– Հաւանաբար… Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեան խոչընդոտներուն վերացումը եւ ժողովրդավար ընթացքին վաւերացումը:

– Հաւանաբար… հայ համայնքի ապահովութիւնը եւ բարօրութիւնը:

– Հաւանաբար… Հրանդ Տինքը սպաննողներուն ու դաւադիրներուն քողազերծումն ու դատապարտումը:

– Աւելի հեռուն չերթանք «հաւանաբար»-ներով (Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում, հայութեան եւ նոյնինքն Պոլսոյ պատրիարքարանի կորուստներու հատուցում, ինչքերու վերադարձ, եւլն., եւլն.), որովհետեւ մէկ «փոքրիկ» յայտարարութեամբ մը այդքան մեծ շրջադարձ չեն իրականացներ թրքական քաղաքականութիւնը եւ համաթուրանականութիւնը…

Վնասները.-

– Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը կը կորսնցնէ իր ազատ արտայայտութեան իրաւունքը, անգամ մը ե՛ւս, իր իսկ նախաձեռնութեամբ:

– Կ՛ոտնահարէ իր արժանապատիւ տեղը Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու հաւաքականութեան մէջ:

– Ա՛լ աւելի կը նուաստանայ Թուրքիոյ իշխանաւորներուն առջեւ, որովհետեւ երբ ճնշողը դէմը քամակակորութիւն կը նկատէ, շարունակաբար աւելի կը բռնանայ, աստիճանաբար աւելի խլելու, ի վերջոյ մահացու հարուածը տալու կամայ թէ ակամայ զիջողին:

– Կը չքանան Պոլսոյ հայ ազատատենչ հատուածին ցարդ մշակած ու քաղած պտուղները:

– Խնդրոյ առարկայ կը դառնայ քիւրտ ժողովուրդին համակրութիւնը հայութեան հանդէպ:

– Պատրիարքարանը կը հաւասարի ազատութեան ձգտող քիւրտը խեղդողին հետ:

– Զօրավիգ կը հանդիսանայ ինքնիշխան երկիր մը բռնագրաւողին:

– Չի տեսներ, որ Թուրքիոյ բանակը Աֆրինի վրայով կը մօտենայ հարաւը գտնուող (միայն 30 մղոն անդին) հայաշատ Հալէպին, որ վերջին տարիներուն նոյնինքն Թուրքիոյ զինուորապէս հովանաւորեալներուն կողմէ ենթարկուած էր մասնակի պաշարման եւ ամէնօրեայ ռմբակոծումներու, ունեցած` մեծ վնասներ եւ բազմաթիւ զոհեր, մինչեւ ռուսերու օգնութեամբ սուրիական բանակին կողմէ պաշարման գօտիներու բեկումը: Յստակ չէ՞, որ հայաբնակ Քեսապէն ետք, հայաշատ Հալէպը հայաթափելը ի՛նչ իմաստ ունի թուրք քաղաքականութեան համար:

Հայ բոլոր ղեկավարները` կրօնական, քաղաքական, թէ մտաւորական, ազատօրէն կեցուածք դրսեւորելուն կողքին, երբեմն կը փորձուին այս կամ այն ուժին պարտադրանքին տակ հայավնաս յայտարարութիւններ կատարելու` առանց մտածելու կամ անդրադառնալու, որ ներկայէն անդին` ապագայ սերունդներն ալ կաշկանդումի եւ շարունակական հարուածի կ՛ենթարկեն: Եթէ նպատակը ղեկավարի դիրքը պահպանելն է, լռութիւնը յաջող զէնք է, բայց կոչումը եւ դիրքը աւազախրելը` աններելի: Երբ կոչումին գիտակից ղեկավարի հետ է ճնշողին գործը, անպայման ոչ պարտուողական ելքը կարելի է գտնել դիւանագէտօրէն, իսկ անելի պարագային, պատճառաբանուած հրաժարականը կը պարտադրէ իրավիճակի շրջում` ճնշողին եւ ճնշուողին միջեւ:

26 յունուար 2018

Իսլամացուած Հայեր Եւ «Հասկացողութիւններ, Որոնք Արիւնահոսութեան Պատճառ Են Դառնում»

$
0
0

ՆՈՒՐՀԱՔ ԵԸԼՄԱԶ

Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ) բնակիչները տարիներ շարունակ Պայծառ Ալաթային եւ ամուսնուն` Սարգիս Էքենին որպէս քաղաքի «վերջին հայերի» էին ճանաչում: Մենք` լրագրողներս էլ շատ հեշտութեամբ յարմարուեցինք նրանց անուան առաջ դրուած այդ «վերջին» բառին, քանզի հաւատացել էինք, որ երբ այս տարեց զոյգը կեանքից հեռանայ, ապա քաղաքում այլեւս հայ չի մնայ: Հաւանաբար նրանց «վերջին հայեր» ընդունելու ամենահիմնական պատճառն այն էր, որ նրանք օգտագործում էին իրենց հայկական անունները` Պայծառ եւ Սարգիս, ապրում էին եկեղեցու այգում եւ իրենց քրիստոնեայ համարում:

Մինչդեռ անմտութիւն է մտածել, որ այս հողերում խոր արմատներ ձգած այս ժողովուրդը մի վայրկեանում յօդս է ցնդել, եւ թէ` նրանից ընդամէնը երկու հոգի է մնացել: Բացի այդ, անգիտակցաբար «մեծ մեղք էինք գործում»: Ամէն անգամ այս արտայայտութիւնն արտաբերելիս մեզանից ոչ շատ հեռու` Տիգրանակերտի Պաղլարում, Տիճլեքենթում եւ Կազիլերում որքա՜ն սրտեր ենք ստիպել արիւնահոսել: Չգիտէինք… Սա այն դէպքը չէ, որ մեզ հանգստացնենք` ասելով, թէ` «չիմանալն ամօթ չէ», որովհետեւ ուղիղ 102 տարի առաջ` այսինքն 1915 թ., այստեղի բնակիչներն ապրում էին` միախառնուած քարին, հողին եւ օդին …

Կարճ ասած` թէեւ «ծպտեալ», սակայն հայերը շատ աւելի են, քան կարծում ենք: Գոնէ վերջին երկուսը չեն: Սա հասկացանք, երբ 2011 թ. պատմական Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին վերանորոգեցին եւ նրա դռները բացեցին հաւատացեալների առջեւ: Ժամանակի ընթացքում եկեղեցին դարձաւ մի տեղ, որ տիգրանակերտցի հայերը յաճախ էին այցելում: Ժամանակի ընթացքում դարձաւ ինքնութեան հետ հանդիպման վայր: Իրավիճակն այսպիսին էր, մինչեւ որ Սուրում բախումներ սկսուեցին, եւ եկեղեցին էլ ներառուեց արգելուած վայրերի ցանկում: 2015 թ. դեկտեմբերի 11-ից ի վեր ոեւէ մէկը եկեղեցի ո՛չ գնացել է, ո՛չ էլ տեսել…

Վերադառնալով Պայծառին եւ Սարգսին` նշեմ, որ նրանք երիտասարդ տարիքում ամուսնացել են եկեղեցում կայացած պսակադրութեամբ: Տարիներ շարունակ ապրել են Սուրի միակ անվնաս եկեղեցու` Սուրբ Մարիամ Աստուածածին ասորական եկեղեցու բակում: Եւ Պայծառի ցանկութեամբ, շուրջ 60 տարի անց` 2014 թ., պաշտօնապէս գրանցել են իրենց ամուսնութիւնը: Այդ ժամանակ Պայծառը 87 տարեկան էր, Սարգիսը` 84: Ամուսնութիւնից մէկ ամիս անց Պայծառը մահացել է, իսկ Սարգիսը մահացել է 2016 թ.` Պայծառի մահից յետոյ: Թերթերը Սարգսի մահուան լուրը կրկին մատուցեցին որպէս «վերջին հայի» վախճան: Մինչդեռ նրան վերջին հրաժեշտն էին տուել նաեւ տիգրանակերտցի հայերը:

«Թշնամի Հասկացողութիւններ»

Լա՛ւ, իսկ ինչու՞ ոչ ոք չտեսաւ այդ հայերին, որովհետեւ նրանց «ծպտեալ» կամ «իսլամացուած» հայեր էին անուանում: Այսինքն նրանք նրանց թոռներն էին, ովքեր կենդանի մնալու համար ստիպուած կրօնափոխ էին եղել: Նրանց «թրի տակ մնացածներ» ասողներ էլ կան: Կան նաեւ այնպիսիք, ովքեր համարում են` այլեւս հայկականութեան հետ որեւէ կապ չունեն, քանի որ կրօնափոխ են եղել:

«Իսլամացուած հայեր» արտայայտութիւնը հայ համայնքում սկսեցին օգտագործել 2000-ական թթ., սակայն Պայծառի եւ Սարգսի համար կիրառուող «վերջին» ածականը, ինչպէս նաեւ «իսլամացուած հայեր» հասկացողութիւնը երկու հայ երիտասարդի համար, որոնց հանդիպել էի Տիգրանակերտի Օֆիս կոչուած վայրում, կրակի պէս այրող են: Բնականաբար, երբ խօսում ես հայի հետ, պէտք է ուշադրութիւն դարձնես լեզուիդ, քանզի մեր առօրեայում այնքան «թշնամի հասկացողութիւններ» կան, որոնք հայերին վիրաւորելու, ստորնացնելու եւ ոչնչացնելու համար են ստեղծուած: Այս երկու երիտասարդի հայ ծնողները բռնի իսլամացուած տատիկի ու պապիկի երեխաներն են: Սակայն Ն.-ն ու ե.-ն, ում հետ խօսել էի, կրօնափոխութիւնը դիտարկում են ոչ թէ «հաւատքի», այլեւ` ինքնութեան ոչնչացման տեսանկիւնից: Այդ պատճառով էլ Ն.-ն վզին խաչ է կրում: 29 տարեկան է եւ հայկական անուն է կրում, մինչդեռ անձնագրում մուսուլմանի անուն է նշուած: Սկզբում չէր  ցանկանում պատասխանել որեւէ հարցի: «Իսլամացում» բառին այնպիսի արձագանգ տուեց, որ զայրոյթը դրոշմուեց դէմքին` «Ես կրօնի վերաբերեալ խօսել չեմ ցանկանում: Խօսելու բան չկայ»: Իմ յամառ պնդումներից յետոյ ասաց.

– Մէկի պատուի հետ ես խաղում եւ դա բռնի ես անում: Այնուհետեւ դրան անուն ես դնում: Ասում ես` իսլամացուած: Նման մի բան է, որ կայ:

Անցեալ Տարի Մեր Տունը Քարկոծութեան Ենթարկուեց

Չնայած իմ յամառ պնդումներին` Ն.-ն այս հասկացողութեան մասին այլեւս չի խօսում, սակայն անձնական կեանքում հայկական ինքնութեան պատճառով ապրած պատմութիւնները հետեւում են մէկը միւսին.

– Ընկերներ են լինում, որ նման արձագանգ են տալիս` «Հա՜, պարզւում է հայ ես, չէիր ասել դրա մասին»: Ես էլ նրանց հարցնում եմ. «Ինձ հետ ծանօթանալիս դուք ասու՞մ էք` «Բարե՛ւ, ես թուրք ե՜մ»: Հարցնում եմ` «Ինչու՞ ես վզիդ թալիսման կախել»: Մի օր մի տեղ էինք, կայծակ խփեց, ինքնաբերաբար Աստուածաշնչից աղօթք արտասանեցի: Կողքիններս ասացին` «Մի տես, է՜, նորից կեաւուրի լեզուով սկսեցիր խօսել, ի՞նչ ասացիր»: Ես էլ պատասխանեցի, որ «Ֆաթիհա»-ի տիպի մի աղօթք ասացի: Պնդեցին, որ յայտնեմ` ինչ եմ ասել: Պատասխանեցի` «Չգիտէ՞ք, թէ «Ֆաթիհա»-ում ինչ է ասւում»: Աստուածաշնչից Ֆաթիհային համարժէք աղօթքն էի արտասանել: Ղուրանն էլ շատ լաւ գիտեմ, նախկինում բազմիցս կարդացել եմ: Անցեալ Նոր տարուն հարբած մէկը մեր տունը քարկոծեց` ասելով. «Էս կեաւուրները այս գիշեր նորից ի՞նչ են անում»: Մեր պատուհանի վրայ քար նետողը մեր հարեւանն էր: Էլ ի՞նչ պատմեմ քեզ, օրինակ` նախակրթարանում դասընկերներս պահանջեցին ինձ քննութեան թերթիկիս վրայ պիսմիլլահ (Ղուրանի բոլոր սուրահները, բացի 9-րդից սկսում են այս արտայայտութեամբ- «Ակունք»-ի խմբ.) գրեմ: Եւ սա արեցին լոկ այն պատճառով, որ հայ եմ: Նախկինում ամէն ինչ շատ դժուար էր, հիմա էլ հեշտ չէ:

Ն.-ն հաւատքի պատճառով նաեւ ընկերային ցանցերում է լինչի դատաստանի ենթարկւում: Իր իսկ խօսքերից պարզ է դառնում, որ` «ընկեր համարուողների մէջ էլ հայի թշնամիներ կան»: Մի օր ընկերային ցանցի իր էջում Աստուածաշնչից մի հատուած է տեղադրել, որից անմիջապէս յետոյ բողոքների պատճառով ընկերային ցանցի էջը երկու անգամ փակել են: Երկու անգամ էլ Ն.-ին յաջողուել է էջը վերականգնել, սակայն երրորդ եւ վերջին անգամ փակելուց յետոյ այլեւս չի կարողացել վերականգնել: Վերոնշեալ ընկերային ցանցի վարիչների հետ նամակագրութիւնից պարզել է, որ որ իր էջի դէմ 6000 բողոք է եղել: «Ընդհանրապէս ինձ չի հետաքրքրում` ընկերային ցանցում կը լինեմ, թէ ոչ: Բողոքողներն իմ ընկերներն էին: Հասկացայ, թէ կողքիններս ովքե՛ր էին: Տեսայ, թէ դէմքիս ժպտալով` թիկունքիցս ինչեր են անում»:

Ն.ն իր ջանքերով հայերէն է սովորել: Մի օր պատահաբար տնից գտած Աստուածաշնչի միջի նօթերից իմացել է, թէ ովքեր են իրենց պապն ու պապի պապը: 1915 թ. յետոյ պապի հետ կտրուած կապը վերականգնել է այս Աստուածաշնչի միջոցով: Ն.-ի վերջին խօսքն ու ցանկութիւնը հետեւեալն է.

– Պապիս անձնագրում մուսուլման են գրել, սակայն 1942 թ. ունեցուածքի հարկ են գանձել: Բա՛ մուսուլմաններից Ունեցուածքի հարկ չէի՞ն գանձում: «Տեք» կոչուած դաջուածքը 1915 թ. յետոյ միայն հայ կանանց դէմքներին էին դաջում, որպէսզի հայ կանայք միւս կանանց հետ չխառնուեն: Այդ դաջուածքները նրանց ստորնացնելու համար էին կատարել: Հետագայում է մոտա դարձել, բոլոր կանայք այդ դաջուածքից էին դաջում: Ծնողներս երբեմն ինձ այնպիսի հայեացքով են նայում, կարծես ասելիս լինեն. «Դու ոչինչ չես ապրել»: Հայրս երբեմն ինձ հեռուից ցոյց է տալիս եղբօր գերեզմանը, որտեղ ամփոփուած են նաեւ պապիս ոսկորները: Չի շրջւում եւ նայում այն կողմ: Մինչեւ հիմա Նոր տարուն ընտանիքս նուռ է գետնովը տալիս: Բոլոր հայկական ծէսերը կատարում են: Ես միայն ուզում եմ այսպէս ապրել: Ձեզանից ուրիշ ոչինչ չեմ ուզում, ա՛յ ընկեր:

Եկեղեցին Մեզ Համար Մի Նոր Յոյս Էր

Իսկ Է.ն ծնուել 1980 թ: Մայրը հայ է, հայրը` մուսուլման: Ծնուել է Տիգրանակերտի Սուր գաւառում: Մինչեւ 9 տարեկանը Սուրի փողոցներում է վազվզել: Մեզ հետ զրոյցում ասում է.

– Ես Ն.-ի կամ էլ մեր մեծերի ցնցումները չեմ ապրել: Ինքնութեանս հետ հանդիպումս այդքան ցաւալի չի եղել: Միշտ էլ իմացել եմ, որ հայ եմ: Չգիտեմ, թէ առաջին անգամ ե՛րբ եմ այդ մասին իմացել:

Մանկութեանս ժամանակ Սուրբ Կիրակոսի աւերակների մօտ մատուռ կար, քահանայ էլ կար այնտեղ: Այնտեղ էինք գնում: Աւերակների վերածուած եկեղեցու բակում գնդակ խաղալով մեծացայ: Մեզ մօտ ծիսական արարողութեան համար տարեց կանայք եւ հարեւաններ էլ էին գալիս: Մոմ էին վառում: Մանկութեան ժամանակ, երբ որ գնում էինք Պոլիս, մայրս այնտեղ էլ էր մոմ վառում, սակայն մուսուլմաններին եւ մեզ ոչինչ չէր պատմում:

Հրանդից Յետոյ Որոշ Բաներ Կատարուեցին

Իսկ ինքութեանը, որի մասին գիտէր մանկութիւնից ի վեր, սկսել է տէր կանգնել Հրանդ Տինքի դէպքից յետոյ: Այս մասին ասում է. «Հրանդից յետոյ որոշ բաներ կատարուեցին: Սկսեցի կարդալ, փորփրել, աւելի շատ բան հասկանալ»:

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին Է.-ի համար բաւականին մեծ նշանակութիւն ունի: Կրկին հաւատացեալների առջեւ իր դռները բացելուց յետոյ մշտական այցելուներից է եղել:  Է.-ն եկեղեցու վերաբերեալ ասում է. «Եկեղեցին մեզ համար վերստին գոյատեւելու յոյս էր: Ինձ համար ինքնութիւն էր: Ինձ համար եկեղեցու քարին դիպչելն անգամ մեծ արժէք ունէր: Ինձ համար կարեւորն իմ ինքնութիւնն է»:

Նախքան Սուրում բախումներ սկսուելը` եկեղեցին  ոչ միայն սրբավայր էր, այլ նաեւ այնտեղ կրօնական զանազան միջոցառումներ էին կազմակերպւում: Այդ միջոցառումներից մէկն էլ «Մի հայ ընտանիքի կորուսեալ անցեալի վերաբերեալ վկայութիւններ Տիլտիլեան եղբայրների ոսպնեակից» խորագրով լուսանկարների ցուցահանդէսն էր, որը պատմում էր Սվազում, Մերզիֆոնում եւ Սամսոնում լուսանկարչութեամբ զբաղուած Տիլտիլեան ընտանիքի պատմութիւնը: Է.-ն ուշադրութիւն է հրաւիրում ցուցահանդէսի յուշատետրի նօթերին.

– Եկեղեցում ե՛ւ շատ լաւ, ե՛ւ շատ զայրոյթով լի պահեր եմ ունեցել: Տիլտիլեան եղբայրների ցուցահանդէսի ժամանակ յուշատետր էր դրուել: Յուշատետրում բազմաթիւ հայհոյանքներ էին գրել: Մեզ հրաւիրում էին գտնելու ճշմարիտ ուղին, ճշմարիտ կրօնը: Ըստ էութեան, գողացան նաեւ այդ յուշատետրը, չնայած որ կապել էինք: Բնականաբար շատ լաւ բաներ էլ էին գրել: Բազմաթիւ մարդիկ կային, ովքեր իրենց պապերի կատարած սխալների համար անհատապէս ներողութիւն էին խնդրում: Ճիշդ չի լինի, եթէ միայն վատի մասին ասեմ:

Է.-ն մտածում է մկրտուելու մասին: Հարցին, թէ ինչո՞ւ, պատասխանում է. «Մկրտուելով եւ մկրտութեան վկայականը վերցնելով` այս հողերի վրայ ապրող հայերի թիւը մի հոգով էլ կ՛աւելանայ»: Այս պատասխանը եւս մէկ անգամ ինձ յիշեցնում է Պայծառի եւ Սարգսի համար մեր կիրառած «վերջին հայեր» արտայայտութիւնը եւ այն, որ մեր օգտագործած հասկացողութիւններն ինչ-որ մի տեղ ինչ որ մէկին այդքան ցաւ են պատճառում:

Müslümanlaştırılmış Ermeniler ve ‘kanatan kavramlar’

Թարգմանեց ԱՆԱՀԻՏ ՔԱՐՏԱՇԵԱՆԸ

«Ակունք»

 

Հայոց Բանակին Տօնը

$
0
0

Ա. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

28 յունուարը տօնն էր հայոց բանակին, այդ օրը Հայաստան հայոց բանակի 26-րդ տարեդարձը տօնեց Եռաբլուրէն սկսեալ բոլոր քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ: Զոհուած զինուորի, ծառայութեան մէջ եղած զինուորի եւ վաղը զինուոր գացողի մայրերը իրարու քով եկած միահամուռ կերպով ուրախութեամբ եւ տխրութեամբ նշեցին հայ զինուորին տօնը` թիկունք կենալով անոր:

Տօնդ շնորհաւո՛ր, սիրելի հայ ժողովուրդ:

Չկայ աւելի բարձր զգացողութիւն եւ զոհաբերութիւն, քան հայրենիքին ծառայելը:Երբ պատանի հասակին երդում կու տանք, առաջին նախադասութիւնը, որ դուրս կու գայ մեր շրթներէն`ծառայել հայրենիքիս եւ ազգիս, միշտ օգնել ուրիշին:

Այս նշանաբանով է մեծցած մեր սերունդը,ահա 26 տարիէ ի վեր մեր հայրենիքը ունի կազմաւորուած, կայուն եւ հզօր բանակ:

26 տարիներ առաջ հիմը դրուեցաւ նորանկախ Հայաստանի բանակին եւ այսօր աւելի քան նշուած տարիները այդ բանակը աճեցաւ, բազմացաւ ու հզօրացաւ:

Ներկայ գտնուեցայ «Տեսակէտ» ակումբի լրատուական կեդրոնի մէջ կազմակերպուած «Մահապարտներու միջոցառման», որուն ընթացքին խօսք առաւ հազարապետ զօրավար Աստուածատուր Պետրոսեան, որ շնորհաւորելէ ետք համայն հայ ժողովուրդին բանակին տօնը, անդրադարձաւ իր եւ իր ընկերներու սխրանքներուն: Պահ մը ապրեցայ յուզումնախառն եւ հպարտութեան զգացումներով: Մարդիկ իրենց կեանքին ու արեան գնով տէրը եղան մեր ժողովուրդին եւ մեր սուրբ հողերուն:Շատեր զոհուեցան, շատեր այսօր կ’ապրին անցեալի յուշերով եւ խիզախութիւններով:

Միջոցառման ներկայ էին Վաղուհաս գիւղի վերագրաւման հերոսներ, ոմանք վիրաւորուած,անդացուպերով եկած էին,ոմանք նկարիչ, պատմաբան,բանաստեղծ արտասանեցին իրենց իսկ գրած բանաստեղծութիւնները` մահապարտներուն մասին:

Յաւերժ փա՛ռք մեր բանակին:

 

 


Չհեգնե՛լ Սրբութիւնները

$
0
0

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

Երեք տարիներ առաջ ամբողջ հայ ժողովուրդը, ըլլայ Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին, նշեց հարիւրամեակը Հայոց ցեղասպանութեան, որ ծրագրուած ու գործադրուած էր թուրքերուն եւ այս յանձնառութեան գործիքները եղող իրենց գործակատարներուն կողմէ:

Մեր միլիոնաւոր նախահայրերը, որոնք նահատակուեցան, արմատախիլ եղան, տեղահանուեցան եւ ենթարկուեցան ամէն տեսակ զրկանքի, չարչարանքի եւ անմարդկային արարքներու, կրնային մեծաւ մասամբ զերծ մնալ այդ հալածանքներէն, եթէ չըլլային կրօնով քրիստոնեայ եւ պատկանելիութեամբ` հայ: Այդ պատճառով ալ անոնք սրբադասուեցան` իբրեւ մէկուկէս միլիոն սուրբերը մեր ժողովուրդին:

Ապուշներ չէին մեր նախահայրերը: Եթէ մենք վերաքաղ մը ընենք մեր արխիւներուն մէջ, կրնանք տեսնել, թէ անոնք ուսեալ, քաղաքակիրթ եւ յարգելի քաղաքացիներ էին: Անոնց շարքերուն մէջ մենք մէկ կողմէ ունէինք բազմաթիւ բժիշկներ, քաղաքագէտներ, երկրաչափներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ, իսկ միւս կողմէ` կային համեստ երկրագործներ, շինականներ, ուսուցիչներ եւ արհեստաւորներ: Այս բոլորին միացեալ ու միացնող երդիքը մեր եկեղեցին էր` Աստուծոյ Տունը, ուր անոնք կը հաւաքուէին եւ իրենց միտքերն ու երազները կը բաժնէին իրարու հետ, եւ հոգեւոր ու աշխարհական` միասնաբար կ՛աղօթէին առ Աստուած: Այդ երեւոյթը ախորժելի չէր չարագործ մարդոց համար. հետեւաբար անոնք ծրագրեցին ու գործադրութեան դրին մեր ժողովուրդին վերացումը: Եթէ նշեալին կողքին շարունակենք թերթատել մեր պատմութեան ծալքերը` Ցեղասպանութենէն մինչեւ այսօր, մենք յստակօրէն կը նկատենք, որ մեզի հանդէպ շղթայազերծուած հալածանքը եւ ծրագրեալ դաւադրութիւնը կը շարունակուին նոյնիսկ միջազգային տարբեր մօտեցումներու եւ ռազմավարութեանց հոլովոյթին մէջ: Գործակատարները կրնան տարբեր ըլլալ, բայց նպատակը մէկ է, որ կը հետապնդէ մեզ զրկել մեր կրօնէն եւ ազգային պատկանելիութենէն:

Դժբախտաբար նկատելի է, որ մեծ է թիւը այն հայերուն, որոնք վախնալով հալածանքներէ, կ՛ընկղմին փորձութեան առաջնորդող հոսանքներուն մէջ` վտանգելով իրենց ազգային ինքնութիւնը եւ մարդկային արժանիքներով հարստացող գոյութիւնը:

Ներկայի հոսանքներէն մին, որ ինքնին մաս կը կազմէ ճերմակ ջարդի գործընթացին,  կը նկատուի հակասուրբգրային եւ հակաքրիստոնէական սկզբունքներու եւ սրբութեանց դէմ ծիծաղ յառաջացնելու կոչուած ներկայացումը, ուր մարդիկ առանց խորքն ու հետապնդուածը ըմբռնելու` կը ծիծաղին, կը ծափողջունեն ու կը գովաբանեն այդտեղ արձանագրուած հեգնական արտայայտութիւնները Աստուծոյ եւ Փրկիչի հասցէին. անոնց, որոնք շնորհեցին մեզի մեր ազգային ինքնուրոյն լինելութիւնը եւ մեզ առաջնորդեցին հաւատքի լուսաւորեալ ուղիով եւ հոգեւոր փրկութեան ճամբով:

Անցնող քանի մը օրերուն մենք պարտադրուեցանք վկաները ըլլալու վերոնշեալ աղաւաղեալ հոսանքներէն մին բնորոշող ներկայացումի մը, որով հանդէս եկաւ երգիծանքի մարդ Վահէ Պէրպէրեանը: Անմեղ երգիծանքի երեւոյթին տակ ան անցաւ մարդկային երեւակայութեան սահմանները` ոտնակոխ ընելով մարդկութեան համոզումներու եւ հաւատալիքներու հանդէպ պահանջուած յարգանքն ու արուեստագէտէ մը ակնկալուած պատշաճութիւնը: Իր միտքերով պարարտացած «նամակներ»-ը ան կը սահեցնէր հանդիսատեսներուն, որոնց մեծամասնութիւնը դժբախտաբար  չէր անդրադառնար, թէ իր դիմաց գտնուողը խորքին մէջ զինք եւ իր պատկանելիութիւնն է, որ կը ծաղրէ եւ կ՛արհամարհէ:

Ա՛յս է, որ մնաց մեզի սփիւռքի սիրտը համարուող այս գաղութին մէջ: Այս ձեւով է, որ մենք պիտի պահենք մեր նախնիներուն կողմէ մեզի փոխանցուած աւանդը, որ պահեցին ու պահպանեցին անոնք ի գին բազմակողմանի տառապանքներու, անհամար հալածանքներու եւ ի հեճուկս ամէն տեսակի վերիվայրումներու,  իսկ մենք այսօր պիտի չկարենանք այդ մէկը ընել նոյնիսկ մեր բարւոք վիճակին մէջ:

Կատակերգակ մը կրնայ հաճոյացնել իր հանդիսատեսը տարբեր միջոցներով, եւ իբրեւ իր մասնագիտութեան մէջ տաղանդ ունեցող մէկը. Պէրպէրեանի մը համար դժուար չէ բարոյական սկզբունքներ ոտնակոխ չընող այդ միջոցները որոնելն ու գտնելը. ատկէ անդին` ինք ազատ է իր հաւատքին մէջ: Արդարեւ, Աստուած ի՛նք տուած է մարդուն ազատ կամք ու անձնական համոզումներ ունենալու իրաւունքը` ստեղծագործութեան օրէն ի վեր:  Իսկ ինչ որ արտօնուած չէ իրեն, ծաղր ու ծանակի վերածելն է իր հանդիսատեսներուն հաւատքն ու այդ առումով անոնց ունեցած ակնածանքը` օգտագործելով շատերուն անուշադրութիւնը եւ կամ արթնութեան պակասը:

Այս եղածը պէտք է սթափելու կոչ մը ըլլայ բոլորիս համար եւ մեր առջեւ բերէ այն դառն ճշմարտութիւնը, որ մենք յաճախ կը գործենք ցեղասպանութեան համապատասխանող արարքներ: Արդարեւ, չենք կրնար խօսիլ մեր ինքնութիւնը, մեր մշակոյթը, մեր լեզուն եւ մեր հաւատքը պահպանելու մասին ու անդին գործել խօսքերուն հակադրուող աշխատելաձեւով: Մեր գործերը պէտք է զուգահեռ ընթանան մեր խօսքերուն հետ, եւ իւրաքանչիւր հայ պարտի յարգել մեր ազգին աւանդութիւններն ու սրբութիւնները, վեր առնելով մեր ժողովուրդին մտաւոր ու հոգեւոր կեանքին մէջ իրենց դրոշմը  դրած բոլոր անմահները: Ոչ ոք եւ ոչ իսկ բարձրաստիճան անձնաւորութիւն մը իրաւունք պէտք է ունենայ բերանի ծամոց դարձնելու Ս. Երրորդութիւնը, առաքեալները, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, Ս. Վարդանը,  Ս. Մեսրոպը, Սայաթ Նովան, ու շարքը կ՛երկարի` ի պատիւ մեր ժողովուրդին: Իսկ եթէ կան մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք առանձնաշնորհեալ համարելով` կը յանդգնին ծաղրանքի առարկայ դարձնել մեր մեծութիւններն ու մեր սուրբերը, ապա մեր ժողովուրդը պարտի անտեսումի հաստ պատեր հիւսել այդպիսիներուն շուրջ` արհամարհելով զիրենք եւ իրենց ձեռնարկները:

 

 

Վահէ Պէրպէրեան Երեւոյթը

$
0
0

Մենաներկայացման արուեստին մէջ հեղինակութիւն վաստակած եւ հանրաճանաչ դարձած Վահէ Պէրպէրեանի վերջին ներկայացումները ընդառաջումի նկատելի երեւոյթ պարզելով հանդերձ, տեղի տուին տարաբնոյթ եւ իրերամերժ արձագանգներու: Յարգելով կարծիքի ազատութեան սկզբունքը, տեղ կու տանք երկու տեսակէտներուն ալ:

ԽՄԲ.

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցեալ շաբաթներուն աւելի քան 4500 հանդիսատեսներ ներկայ գտնուեցան Վահէ Պէրպէրեանի «Ուրեմն» մենաներկայացումին:

Ջախջախիչ մեծամասնութիւնը երիտասարդներ ըլլալով եւ աւելի քան յիսուն առ հարիւրը մեր ընթացիկ ձեռնարկներուն ներկայ չեղող հանրութիւն մը յաճախեց «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ:

Վահէ Պէրպէրեանի վէպերու, կերպարուեստի, թատերախաղերու եւ մենաներկայացումներու ծանօթը շատ ալ անակնկալի չեկաւ անոր արծարծած համարձակ եւ խիզախ նիւթերէն: Ոմանք ակնարկեցին արժէքներու խախտումի մասին, ուրիշներն ալ քննադատեցին նիւթերու ձեւը, ոճը եւ լեզուն:

Սակայն այս բոլորէն անդին եւ վեր` մէկ իրականութիւն մը կայ, որ ուզենք թէ չուզենք պիտի ընդունինք.

1.- Այսօր թատերական կամ հայկական ո՞ր նախաձեռնութիւնը մուտքը 30000 լ. ո. ընելով` ինքնաբերաբար 4500 տոմս կրնայ ծախել:

2.- Այսօր ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ այսքան մեծ թիւով երիտասարդութիւն կապուած զգայ Վահէ Պէրպէրեանին:

3.- Այլ առիթներով միութիւններուն կ՛աղաչենք, որ ձեռնարկ մը վարձեն` պարի, երգչախումբի, թատերական կամ այլ նախաձեռնութիւններ: Ինչպէ՞ս 8 ներկայացում առանց ճիգի եւ օրական 500 ամերիկեան տոլարի վարձուեցաւ:

4.- Կրօնական թեման, որ առարկելի էր եւ չափազանցուած, ինչո՞ւ մէկը սրահ գտնուած ժամանակ չընդվզեցաւ: Կամ աւելի՛ն. ինչո՞ւ, եթէ ընդվզեցուցիչ էր, այդքան խնդուք քաղեց հանդիսատեսէն:

5.- Փաստը այն է, որ անցեալ երկու շաբթուան ընթացքին «Քրիստափոր» կոմիտէն իր տարեկան հասութաբեր ձեռնարկը յաջողցուց եւ` լաւ եկամուտով: Աւելի՛ն, ճեմարանի Շրջանաւարտից միութիւնը, «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտը, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Հայ ուսանողներու միութիւն»-ը ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղերը` բոլորն ալ կոկիկ գումար մը հաւաքեցին:

6.- Հարցը միայն նիւթականը չէ: 8 օրերու ընթացքին 300 հայերէն գիրք ծախուեցաւ, այսինքն 300 երիտասարդ ազատ կամքով հայ գիրք գնեց:

7.- «Քրիստափոր» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, գաղութի մէջ որոշ խանդավառութիւն մը ստեղծուեցաւ:

8.- Խնդուքէն անդին` երիտասարդութիւնը ներգրաւող հիմնական կէտը եղաւ համարձակութիւնը:

Մեր երիտասարդները Վահէն կը սիրեն, որովհետեւ իրենց մտածելու եւ արտայայտուելու ոճով կը խօսի, բայց միեւնոյն ժամանակ կը մղէ արժէքները վեր պահելու, ընկերային ցանցերու գերին չդառնալու եւ, մանաւանդ, սուտ չխօսելու եւ խելք գործածելու:

Արժէքներու խախտումով մտահոգուողները իրենց ստանձնած պարտականութիւնները եթէ լաւ ընեն, արժէքները կը պահուին:

Թող չմտահոգուին այս եւ նման երեւոյթներէն:

Ամէն մարդ իր գործը լաւ թող ընէ, ամէն բանի արժէքը իր տեղը կը գտնէ, կամ կը պահուի: Ոչ թէ ամէն բանի եւ ամէն ինչի մասին ըսելիք ունենալով ձեր ժամանակը կ՛անցընէք:

Երիտասարդները առողջ են եւ ընելիք ունին, մենք ենք, որ իրենց ազատ մտածելու առիթ չենք տար: Վահէով անոնք իրենց ազատ արտայայտուելու հաճոյքը կ՛առնեն:

Վահէ Պէրպէրեանը այդ ազատութեան եւ համարձակութեան յոյսը կը ներշնչէ:

 

 

 

Զեփիւռ Խիւտավերտեանի Յիշատակին

$
0
0

ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

Իր անունին պէս նուրբ ու թեթեւ կ’անցնի ան յիշողութեանս պաստառէն: Այդ օրերուն  Համազգայինի կողմէ ղեկավարուած հայկական ռատիոժամի գործավարն էր, իսկ մենք`  դպրոցը նոր աւարտած ճնճղուկներ: Չեմ գիտեր` ո՞վ գաղափարը ունեցած էր մեզ ալ ընդգրկելու ռատիոժամի ծրագրին մէջ, բայց շնորհիւ այդ «գործին»` առիթը ունեցած եմ քիչ մը աւելի մօտէն ծանօթանալու Նօնոյի մամային` տիկին Զեփիւռին:

Նօնոն` Ներսէսը. Ներսէս Խիւտավէրտեանը, որ իր երկու երէց դաշնակցական ընկերներուն հետ վատաբար սպաննուեցաւ յունուար 31-ի գիշեր մը, Պէյրութի մութ ու նեղ փողոցներէն մէկուն մէջ, իր ընկերներուն հետ քաջաբար դիմադրեց հայ կոչեցեալներու անարգ արարքին եւ շա՜տ երիտասարդ հասակին ինկաւ Լեւոն Պէրպէրեանին եւ Վարդգէս Տէր Կարապետեանին կողքին:

Յունուար 31-ի գիշեր մը:

Կարեւո՞ր է տարին: Ո՛չ, հարազատներու եւ սիրելիներու համար, քանի որ քսան, երեսուն, քառասուն տարի ալ անցնի, յունուար 31-ն է, որ կը մնայ մտքերուն մէջ, ու երբ մօտենայ թուականը , վիշտը գլուխը կը ցցէ: «Սո՛ւտ է:  Ժամանակը չի բուժում վէրքերը:  Գուցէ նա իր առօրեայ հազար ու մի հոգսերով, ուրախութիւններով ու անակնկալներով ետ հրում, հոգուդ մի խուլ անկիւնն է տանում վիրաւորանքդ ու վիշտդ եւ երբեմն մոռացութեան մատնում… բայց չի բուժում, չի կարող բուժել»:

(Արտաշէս Քալանթարեանի «Մարաթոն» գործի մուտքէն):

Ռատիոժամի օրերուն տիկին Զեփիւռ շէնշող իր անհատականութեամբ կը նստէր գրասեղանին ետեւ` մի՛շտ կոկիկ հագուած, մի՛շտ` պչրոտ: Դիմայարդարումին ամէնէն ցայտուն բաժինը աչքերունն էր. սեւ մատիտի երկա՜ր եւ հաստ գիծ մը, որ կը վերջանար սուր անկիւնով մը. կարծես ըլլար ծովահայեաց բարձր ժայռի մը գագաթը, ուրկէ մարդ կրնար ցատկել դէպի ծով ու ալիք: Այդ օրերուն այդպիսի աչքերու գիծ շատ չէինք տեսներ մեր շուրջը եւ կը մտածէինք, որ տիկին Զեփիւռ քիչ մը արտասովոր էր` «տուփէն դուրս», պիտի ըսէին ամերիկացիք: Տուփը` հայկական հաստատութիւնը ընդհանրապէս,  ունէր իր գործունէութեան որոշուած ձեւերն ու կանոնները, որոնք կրնային ճնշել զեփիւռի պէտք ունեցող անհատականութիւնները . օդ, բացում դէպի նոր հորիզոններ, ինքնատպութիւն եւ մտածելու ազատութիւն: Ահա այս բոլորը կարելի էր գտնել տիկին Զեփիւռին մօտ. իր արա՛գ, կարծես զիրար շպրտող նախադասութիւններով կը խօսէր մեզի հայ եւ օտար երաժշտութենէ եւ արուեստէ: Կարդացող էր ու տեղեակ աշխարհի անցուդարձերուն, բայց մանաւանդ` երաժշտութեան ու գրականութեան: Այո՛, տիկին  Զեփիւռ շատախօս էր, բայց` ոչ նման անոնց, որոնք նիւթ չունենալով` կը դառնան ու կը դառնան նոյն փուչիկին շուրջ:  Տիկին Զեփիւռին շատախօսութիւնը կու գար իր գիտելիքները, համոզումները եւ զգացումները բաժնելու փափաքէն:  Կարծես կը վախնար, որ եթէ չըսէր բանը, անիկա պիտի փախչէր ու ետ չգար ուղեղին:

Այդ շաղակրատութիւնն ու եռանդը, փոքրիկ բերանին  այդ նուրբ ժպիտը այլայլեցան 31 յունուարին: Տիկին Զեփիւռը կորսնցուց իր զաւակը: Եւ ի՜նչ զաւակ. դասընկերս, Նօնոն, ո՛չ միայն բացառիկ խելացի էր ամէն ճիւղի մէջ ու մանաւա՛նդ` գիտական նիւթերու, այլ ազնուական էր եւ ազնի՛ւ. մօրը նման, խորապէս համոզուած էր հայկական արժէքներու պահպանումին եւ զարգացումին անհրաժեշտութեան: Լիբանանեան պատերազմի օրերուն, նոր ամուսնացած երիտասարդ` կը ձգէր երիտասարդ հարսնուկը ու կը վազէր ակումբ` օգտակար դառնալու իր համայնքին:

Տիկին Զեփիւռ ` կին ու մայր, կորսնցուցած էր իր ամուսինը ու հիմա կը կորսնցնէր իր տղայ զաւակը. օ՜, որքա՛ն կարեւոր` տղամարդապաշտ ընկերութեան մէջ:

Հարուածը դաժան էր եւ զօրաւո՛ր, բայց տիկին Զեփիւռ, հայ իշխանուհիի մը պէս հպարտ ու քա՛ջ,  գլուխը բարձր պահեց, չընկրկեցաւ:  Ո՛վ գիտէ` ի՜նչ զգացումներ կը փոթորկէին ներաշխարհը, որքա՜ն կարիքը ունէր իր զաւկին նեցուկին: Ուրֆացիի իր արմատնե՞րն էին արդեօք, որ զինք պահեցին ամո՛ւր` ժայռի պէս, թէ՞ ցաւին խորութիւնը, որ զգայազերծութեան եզրին հասցուցած էր զինք. ո՛չ ոք պիտի գիտնայ, քանի որ երեւոյթները յաճախ կը խաբեն . անոնք սահմանուած են ծածկելու ներքինը, իսկ ներքինը խորո՜ւնկ եւ անյատակ, բարդ կառոյցով հոր մըն է …

Տիկին  Զեփիւռ շարունակեց ապրիլ, բարեկամուհիներով շրջապատուիլ, երաժշտութիւնը սիրել, հարազատները «բարկացնել» իր քմայքներով: Շարունակեց հոգ  տանիլ ինքզինքին ու սիրել կեանքը եւ իր ազնի՛ւ, անձնուէ՛ր աղջկան ու փեսային շնորհիւ` ունեցաւ հանգիստ ծերութիւն:

Ճակատագրի ի՛նչ տնօրինութեամբ իր կեանքին թելը փրթաւ յունուար 31-էն քանի մը օր առաջ:

Ասկէ ետք, երբ անոնք, որոնք զինք մօտէն ճանչցած են, ըմբոշխնեն երաժշտական աղուոր կտոր մը կամ արուեստի գործ մը, երբ քնքուշ զեփիւռը հպի իրենց դէմքին ու անցնի, անպայմանօրէ՛ն պիտի յիշեն միւսը` տիկին  Զեփիւռը, որ իրենց մտքի պաստառին պիտի ներկայանայ ամպի մը վրայ նստած` Ներսէսին կողքին: Ան եռանդով պիտի յուշէ, որ դիւրին չէ կեանքը, որ` մի՛շտ պիտի ըլլան զայն թունաւորողներ, բայց որ կ՛արժէ՛ ապրիլ զայն ու մնալ կանգո՛ւն:

31 յունուար 2018

 

Ակնարկ. Բառապաշար, Հակազդեցութիւն Եւ Այսօրուան Տեղեկատուական Համակարգը

$
0
0

Լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական բեմերուն վրայ արձանագրուածները դուրս եկան երկրի սահմաններէն եւ համաշխարհային լրատուամիջոցներու թողարկումներուն բերումով սեփականութիւնը դարձան միջազգային հանրութեան:

Քաղաքական հռետորութեան ընթացքին օգտագործուած բառապաշարի եւ իբրեւ անոր հակազդեցութիւն փողոցային դրսեւորումներու տեսանիւթերը շատ արագ շրջագայեցան եւ նուաճեցին դիտողականութեան մեծ լսարաններ:

Պատահարներու քաղաքական ենթաշարժառիթներուն վրայ կեդրոնանալէ առաջ, կ՛արժէ նաեւ տեսանիւթի սպրդումին եւ անոր ձգած ազդեցութեան մասին ակնարկ կատարելը:

Հակառակ հանրապետութեան նախագահ-խորհրդարանի նախագահ երկկողմանի յայտարարութիւններով ստեղծուած հեռակայ բանավէճի յառաջացուցած լարուածութեան, այնուամենայնիւ կ՛ենթադրուէր, որ արտաքին գործոց նախարարը հրապարակային որեւէ պաշտօնական լրատուամիջոցի նման որակումով պիտի չբնութագրէր քաղաքական հակադիր դիրքի վրայ յայտնուած որեւէ բարձրաստիճան պաշտօնակատար մը:

Այս պարագային, փակ լսարանի առջեւ կատարուած քաղաքական զեկուցումի մը ընթացքին, անմիջականօրէն ներկաներէն մէկուն հեռախօսով կատարուած նկարահանումն է, որ կը զանգուածայնանայ ընկերային ցանցերու միջոցով:

Ահա այստեղ է այսօրուան բաց համակարգին օգտագործման բացասական հետեւանքի առկայութիւնը: Հաստատումը որեւէ ձեւով արդարացման չի միտիր արտաքին գործոց նախարարի  հնչեցուցած որակումները: Խնդիրը այն է, որ ներկայ համակարգին մէջ, բաւական բարդ է տարբերել ներքին, փակ լսարանի համար օգտագործուած լեզուն եւ բառապաշարը` արտաքին պաշտօնական հրապարակումներու ընթացքին գործածուող ըսելաձեւերէն: Եթէ հաւաքական լսարանի յատկացուած է  հանդիպումը, ապա չեն բացառուած նկարահանումները եւ նոյնիսկ ուղիղ եթեր հեռարձակումը:

Քաղաքական նշանակութիւն ունեցող եւ իրավիճակ ստեղծող բարձրաձայնումներու պատահական կամ ծրագրուած նկարահանումները ո՛չ միայն կրնան յայտնուիլ ընկերային ցանցերու վրայ` սեփականութիւնը դառնալով բազմաթիւ օգտատէրերու, այլ նաեւ որդեգրուիլ մինչեւ այս կամ այն համաշխարհային զանգուածային լրատուամիջոցին կողմէ` իբրեւ զգայացունց, սպրդած տեղեկութիւն, որ տուեալ երկրին մէջ պատճառ դարձած է  ճգնաժամի ստեղծումին:

Մասնակիօրէն այս պարագային օրինակ Եուրոնիուզը, ո՛չ սեփական թղթակից ունէր քաղաքական զեկուցումի լսարանին (գէթ պաշտօնապէս), ո՛չ ալ այնտեղ կատարուածին իբրեւ հակազդեցութիւն փողոցի պատահարները նկարահանող խումբ: Այդ բոլորին գործը կատարած էր ընկերային ցանցը` սպրդած տեսանիւթը եւ այնուհետեւ կրակոցները, արգելակումներն ու անիւներու հրկիզումները հեռախօսային նկարահանումներով զանգուածայնացուցած տեսանիւթերը հասցնելով արբանեակային հեռարձակումներ ունեցող հեռատեսիլի ընկերութիւններուն:

Երկու օրէ ի վեր միջազգային հանրութիւնը կ՛իրազեկուի Լիբանանի մէջ օգտագործուող ոչ պատշաճ բառամթերքին, հարցերը կրակոցներով եւ հրկիզումներով լուծելու անցեալի ոճի վերաթարմացման օրինակներուն: Այս բոլորը կը նպաստեն անշուշտ Լիբանանի նկատմամբ տարիներու վրայ երկարած հանրապատկերի (image) վերաամրագրումին, կարծրատիպերու վերահաստատման:

Երկար տարիներու վրայ ձեւաւորուած այդ հանրապատկերն ու կարծրատիպերը շրջելու աշխատանքին մէջ եղող Լիբանանի պետական բոլոր պատասխանատուները պէտք է իմանան, որ այս երկիրը իրաւամբ պէտք ունի աւելի պայծառ ու առողջ պատկերի միջազգային ընկալման: Եւ այդ երթին ճիշդ հունաւորման համար մտածեն օգտագործուած որակումներուն եւ հակազդեցութեան եղանակներուն մասին` ի մտի ունենալով այդ բոլորը կայծակնային արագութեամբ միջազգային հանրութեան սեփականութիւնը դարձնող այսօրուան համակարգին ընձեռած կարելիութիւնները:

«Ա.»

Հակաթուրք Եւ Հայ Դատի Պայքարներուն Զուգահեռականութիւնը

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Այսօր Թուրքիան միջազգային գետնի վրայ դարձած է քաղաքական, ռազմական եւ տնտեսական կարեւոր ու մեծագոյն ուժերէն մէկը: Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը, գլխաւորութեամբ կրօնամէտ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, վերականգնած է համիտեան կարգերը: Ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններ, ընդդիմադիր կուսակցութիւններ եւ ազատամիտ լրագրողներ կ՛ենթարկուին հետապնդման, հարցաքննութեան եւ բանտարկութեան (ինչ որ նոյնպէս տեղի կ՛ունենար համիտեան օրերուն):

110 տարի առաջ սուլթան Համիտը կը միջամտէր Ռուսիոյ եւ Պարսկաստանի հարցերուն` նեցուկ կանգնելու համար այնտեղի իր բարեկամ, դաշնակից եւ գաղափարակից բռնատիրական կարգերուն եւ ճզմելու համար հայկական յեղափոխական շարժումը, իսկ այս օրերուն Թուրքիան կը միջամտէ Սուրիոյ մէջ` ճզմելու համար քիւրտ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Ներկայիս տասնեակ թերթեր փակուած են, տասնեակ լրագրողներ բանտարկուած են, որովհետեւ անոնք միայն իրականութիւնը յայտնեցին այն մասին, որ Թուրքիոյ միջամտութիւնը Սուրիոյ մէջ չի միտիր վերացնել այսպէս կոչուած «Իսլամական պետութիւն»-ը, այլ` ոչնչացնել քիւրտերը, եւ այդ նպատակի իրագործման համար Թուրքիան նեցուկ կանգնեցաւ կրօնամոլ-ծայրայեղական ուժերուն ու անոնց ապաստան տուաւ իր սահմաններուն մէջ:

Գանք հիմա մեզի` հայերուս: Դժբախտաբար ներկայիս հայութեան մէջ պայքարի ոգին տկարացած է, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի Հայ դատի հետապնդման: Հայութեան մէջ ապաքաղաքականացման եւ ապազգայնացման երեւոյթները հետզհետէ աւելի զգալի կը դառնան համաշխարհայնացման պատճառով: Ամօթալի է եւ անբարոյ` Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Մարգար Եսայեանի եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի զօրակցութիւնը Սուրիոյ մէջ թրքական ռազմական միջամտութեան: Եթէ դատապարտելի է համաշխարհային մեծ ուժերուն լռութիւնը Թուրքիոյ արտաքին ռազմական միջամտութիւններուն նկատմամբ, նոյնպէս դատապարտելի է հայերուն լռութիւնը: Ամէն միջոց պէտք է օգտագործուի` բացայայտելու ու լուսաբանելու թրքական պետութեան ոճիրները եւ իր ժառանգութիւնը օսմանեան պետութեան կատարած Հայոց ցեղասպանութեան:

Վերջաւորութեան, ինչ կը վերաբերի այս յօդուածի վերնագիրին` «Հակաթուրք եւ Հայ դատի պայքարներու զուգահեռականութիւնը», անիկա երբեք նպատակ չունի սերմանելու  ցեղապաշտութիւն, այլ կը կարծենք, որ պէտք է անդուլ պայքար մղել թրքական թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւններուն դէմ, որովհետեւ այդ քաղաքականութիւնները ուղղակի թէ անուղղակի կապ ունին մեր Դատին հետ: Պիտի նշեմ երեք օրինակներ, որպէսզի յստակ ըլլայ միտքը բոլորին: Թուրքիոյ մէջ այսօր խօսքի ազատութիւն չկայ, ինչպէս որ յայտնի է բոլորին: Այդ ազատութենէն նաեւ կը զրկուին անոնք, որոնք կ՛ուզեն բացայայտօրէն ճանչնալ մեր Ցեղասպանութիւնը: Այդ պատճառով ալ, երբ միջազգային հանրութեան ապացուցենք Թուրքիոյ անազատ կարգավիճակը, այդ ժամանակ խօսքի ազատութեան օրակարգին մէջ պիտի մտնէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու անարգման մասին խօսիլը կը նշանակէ խօսիլ հոն ապրող հայերու ենթարկուած առօրեայ ցեղապաշտութեան մասին, որ բացասական երեւոյթ մըն է ինքն իրեն «ժողովրդավարական» պետութիւն սեպող Թուրքիոյ համար, որ չի կրնար կանխել այդպիսի երեւոյթները (համապատասխան օրէնքներ որդեգրելով): Վերջապէս, դէմ կանգնիլ Թուրքիոյ արտաքին միջամտութիւններուն, որպէսզի Թուրքիոյ միջազգային վարկը նուազի, եւ կապել այդ միջամտութիւնը ներքին ճակատին` խօսքի ազատութեան եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ճնշման հետ:

Խօսքի ազատութիւնը, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներն ու արտաքին ռազմական միջամտութիւնները զէնքեր պէտք է ըլլան հայութեան ձեռքը` նախ մեր հոգիներուն մէջ արթնցնելու համար պայքարի ոգին, իսկ յետոյ ալ պայքար մղելու` վարկաբեկելու համար թրքական պետութիւնը իր ցեղապաշտական քաղաքականութիւններուն համար:

 

 

 

Ղարաբաղի Հերոս Զինուորին

$
0
0

ՌՈՒՊԻՆԱ ԿԷՕՎՃԵԼԵԱՆ

Ղարաբաղի հերո՛ս զինուոր,
դու ննջում ես uարերին`
դրօշը կրծքիդ, զէնքը գրկիդ, վարձքդ կատար,

դու առասպէլ մեր ապագայ քաջերին
հօրդ մէջքը կորացել է,
մօրդ ճրագը աղօտել է
եարիդ քողը սեւացել է,
երկինքն անգամ ամպոտել է
բայց  քնիր անուշ
դու հայ զինուոր
մեր լեռների լանջերին
քո անունը անմահ է մեր սրտերին

դու չհագար փեսի շորեր
չկապեցիր նարօտ եարիդ մազերին
չխմեցիր կենացը քո  պապիկի
չլսեցիր առաջին լացը քո բալիկի

բայց  քնիր անուշ,
դու հա՛յ զինուոր,
մեր լեռների լանջերին
քո անունը անմահ է մեր սրտերին
վաղը քո արեան կաթիլներից
պիտի ծնին նոր մարտիկներ
պիտի ծաղկին դաշտերը մեր
պիտի բացուի նոր արշալոյս
ազատ անկախ Ղարաբաղի լեռներին

Մայիս 2016

Հայոց Բանակ. Կայացման Ու Հասունացման 26 Տարի

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՃԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Խօսքս ուզում եմ սկսել  իր գործունէութեան բնոյթով բանակային կեանքից կարծես թէ քանի պարսեկ  հեռու գտնուող, բայց հայոց  պատմական դասերի ողջ իմաստնութիւնն իր մէջ ամբարած անուանի մշակութային գործիչ Ջիւան Գասպարեանի  թեւաւոր արտայայտութեամբ: «Հայրենիքն սկսւում է զինուորից: Սահմանն սկսւում է զինուորով», ասել է աշխարհահռչակ տուտուկահարը: Ասել է թէ` Հայաստան աշխարհը սկսւում է այն զօրականով` շարքային զինուոր, սպայ, թէ զօրավար, ով անվեհեր ու աներեր կանգնած է մայր հայրենիքի առաջնադիրք դարձած սահմանին` ի պաշտպանութիւն երկրի ու ժողովրդի խաղաղ, անվտանգ ներկայի եւ յարատեւ ապագայի: Ով պատրաստակամ է յանուն այդ սուրբ առաքելութեան նուիրաբերելու իր ամենաթանկագինն անգամ` սեփական կեանքը, վստահաբար կրելով իր մէջ այն ուղեցոյց պատգամը, որ սերունդներին ի պահ կտակել է եւս մէկ մեծ հայ` սպարապետ Գարեգին Նժդեհը. «Բաւական չէ իր ազգի զաւակը լինել, պէտք է նաեւ նրա հրաշունչ զինուորը լինել»:

Հայ ժողովրդի նորագոյն պատմութեան առաջին անգնահատելի արժէքը` հայոց բանակը, 26 տարեկան է: Առաջին, քանզի տակաւին իր ձեւաւորման  սաղմնային շրջանում անգամ` 1988-1991թթ., ի զէն ելնելով աշխարհասփիւռ հայութեան քաջազուն զաւակներից կազմուած ֆիտայական-կամաւորական ջոկատների տեսքով, ոխերիմ թշնամու ելուզակային ասպատակութիւններից նա ոչ միայն յաջողութեամբ պաշտպանում էր հայրենի եզերքը` Հայաստանում եւ Արցախում, այլեւ հայ հանրութեան գիտակցութեան մէջ կռում ու կոփում էր կորուսեալ ազգային անկախութեան վերականգնման գաղափարը` հանդէս գալով որպէս այդ երանելի հնարաւորութեան ուժային ապահովման երաշխաւոր: Եւ, անշուշտ, այդ երաշխիքից բխող ուժ ու կորովով է, որ հայ ժողովուրդը 20-րդ դարում երկրորդ անգամ խիզախեց հռչակել անկախ պետականութիւն` գրեթէ միաժամանակ Հայաստանում եւ Արցախում` կերտելով մեր նորագոյն պատմութեան գլխաւոր արժէքը: Ընդ որում, երկու դէպքում էլ, դարասկզբին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ դարավերջին` Հայաստանի եւ Արցախի զուգապետութեան հռչակման օրօք, ռազմաքաղաքական խառնակ իրադարձութիւնների ժամանակաշրջաններում, հայութեան համար միանգամայն անբարենպաստ իրադրութիւններում, երբ անդունդի եզրով մեր ոչ հեռաւոր նախնեաց եւ մեր սերունդների կողմից կատարուող ցանկացած փոքր-ինչ անզգուշ քայլ յղի էր ազգովի մէկընդմիշտ գահավիժելու ու կործանուելու վտանգով:

Դարավերջի հայկական բանակի կազմաւորումը, ինչպէս որ դարասկզբին էր, համընկնում է  արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի փուլին, երբ ազրպէյճանական ելուզակները սկսեցին ոտնձգութիւններն ինչպէս  Հայաստանի սահմանամերձ, նոյնպէս եւ Արցախի բնակավայրերի նկատմամբ, ինչը 1992-1994թթ. վերածեց Ազրպէյճանի հետ չյայտարարուած, բայց փաստացի պատերազմի, եւ երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը միաժամանակ ձեռնամուխ եղան  զինուած ուժերի ստեղծմանը:   1990թ. օգոստոսի 23-ին Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդն ընդունեց «Հայաստանի անկախութեան մասին» հռչակագիրը, որով ազդարարուեց Հայաստանի փաստացի անկախութիւնը, նոր իրաւական եւ գործնական հեռանկարներ բացեց ազգային բանակի ստեղծման հարցում:

Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի կազմաւորումը, ինչպէս յայտնի է, անցել է մի քանի փուլերից:

Առաջին փուլը տեւել է 1988 թուականի  փետրուարից մինչեւ 1992 թուականի մայիս: Այս ժամանակաշրջանում արցախեան շարժման աշխուժացման եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւնների ծայրաստիճան սրման պայմաններում աւելի քան հրատապ դարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան ռազմական անվտանգութեան ապահովման խնդիրը: 1990-ի սեպտեմբերին կազմաւորուեց Երեւանի յատուկ գունդը, իսկ Արարատում, Գորիսում, Վարդենիսում, Իջեւանում, Մեղրիում ձեւաւորուեցին համապատասխան թուով վաշտեր: 1991թ. ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ ստեղծուեց նախարարների խորհրդին առընթեր Պաշտպանութեան պետական կոմիտէ: Նմանատիպ կառոյց արդէն գործում էր Լեռնային Ղարաբաղում, որտեղ սկզբնական փուլում, նախքան Պաշտպանութեան բանակի ձեւաւորումը, կամաւորական ստորաբաժանումների գործողութիւնները համակարգել են ընդյատակեայ ինքնապաշտպանութեան կոմիտէն, հրամանատարութիւնը, ԼՂՀ Պաշտպանութեան խորհուրդը, իսկ 1991-ի փետրուարից մինչեւ 1992-ի սկիզբը ԼՂՀ-ում կազմաւորուել են 10-ից աւելի կամաւորական վաշտեր ու ջոկատներ` 1000-ից աւելի կամաւորականներով, որը կանոնաւոր բանակի ստեղծման լուրջ նախադրեալ էր: 1992թ. փետրուարի 29-ին  Արցախի կամաւորական ստորաբաժանումներին շնորհուել է ինքնապաշտպանական  ուժերի պետական կարգավիճակ:

Իսկ 1992-ի մարտի 26-ին ԼՂՀ նախարարների խորհրդին առընթեր ստեղծուեց ռազմական ոլորտի ժամանակաւոր կառավարման մարմին` Ինքնապաշտպանութեան կոմիտէ: Ինքնապաշտպանութեան ուժերի կազմում 1992թ.  օգոստոսի 14-ին ստեղծուել են պաշտպանական շրջաններ` Ասկերանի, Հադրութի, Մարտակերտի,  Մարտունու, Շահումեանի, Շուշիի, Կենտրոնական եւ այլն: Նոյն թուականի օգոստոսի 15-ին ԼՂՀ Գերագոյն խորհրդի նախագահութեան որոշմամբ կազմաւորուել է Պաշտպանութեան պետական կոմիտէ, որին վերապահուել են երկրի ողջ գործադիր իշխանութեան գործառոյթները,  իսկ  1995-ի յունուարին ստեղծուել է ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Այսպիսով, զգալիօրէն հեշտացուեց բարդագոյն պայմաններում Հայաստանի, Արցախի եւ Շահումեանի պաշտպանական գործողութիւնների համակարգման խնդիրը` միաժամանակ դառնալով այն հիմքը, որի վրայ քիչ աւելի ուշ պէտք էր ստեղծուէին Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնները: 1992թ. յունուարի 28-ին ՀՀ կառավարութիւնն ընդունեց «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մասին» պատմական որոշում` դրանով իսկ իրաւականօրէն ազդարարելով Հայոց ազգային բանակի ստեղծումը: Հիմք ընդունելով այդ նշանակալի պատմական որոշումը` յունուարի 28-ը հետագայում օրէնսդրօրէն ազդարարուեց որպէս Հայոց բանակի կազմաւորման տօնական օր:

Աւելի ուշ, հիմք ընդունելով Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերի առաջին խոշոր մարտական յաջողութիւնը` Շուշիի ազատագրումը 1992 թուականի մայիսի 9-ին, որին յաջորդել է Լաչինի ազատագրումն ու Հայաստանի հետ ցամաքային կապի վերականգնումը («Կեանքի ճանապարհ»), ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի ստեղծման օր հռչակուեց մայիսի 9-ը:

Կամաւորական ազատամարտիկներից շատերը, կա՛մ պատերազմի տարիներին, կա՛մ պատերազմից յետոյ, Հայաստանում թէ Արցախում,  համալրեցին բանակի շարքերը` որպէս սպաներ ու ենթասպաներ: 1992թ. մայիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը սկսեց առաջին զօրակոչը հանրապետութեան տարածքում` հիմք դնելով բանակը ժամկէտային զինծառայողներով համալրելու կայուն աւանդոյթին:

Հայաստանի եւ Արցախի զինուած ուժերում զօրակոչը նախատեսուած է 18-27 տարեկան արական սեռի ներկայացուցիչների համար` 2 տարի ժամկէտով, որը կարգաւորւում է «Զինապարտութեան մասին» օրէնքով: Զօրակոչն ու զօրացրումը իրականացւում է տարին երկու անգամ` ամրանը եւ ձմրանը: Այդ պարունակում նշենք նաեւ, որ 2017 թուականից Հայաստանի   պաշտպանութեան նախարարութիւնը շրջանառութեան մէջ է «ես եմ», «պատիւ ունեմ» եւ «դիտակէտ» նախագծերը` կոչուած կանոնակարգելու Հայոց բանակի սպայակազմի որակաւորման եւ վերաորակաւորման, պարտադիր զինուորական ծառայութեան գործընթացները:

Երկրորդ փուլը տեւել է 1992թ. յունիսից մինչեւ1994թ. մայիս: Այս ժամանակաշրջանում Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները գտնւում էին Ազրպէյճանի Հանրապետութեան յարձակման թիրախում: Շնորհիւ իշխանութիւնների հետեւողական քաղաքականութեան` արդէն 1992-ի աշնանը թէ՛ Հայաստանում եւ թէ՛ Արցախում գործող գրեթէ բոլոր զինուած խմբաւորումները հիմնականում միաւորուած էին մէկ համակարգի մէջ, ինչը հնարաւոր դարձաւ մասամբ նաեւ արտաքին վտանգի գործօնի ազդեցութեամբ: Ինչպէս յայտնի է, այդ ժամանակահատուածում թշնամու կողմից զաւթուած էին Շահումեանի շրջանը, Մարտակերտի շրջանի ամբողջ նախալեռնային հատուածը, Հադրութի շրջանի մի մասը, գրաւման սպառնալիքի տակ էր մայիսին Լաչինով բացուած մարդասիրական միջանցքը: Այսպիսի իրադրութեան պայմաններում հնարաւոր դարձաւ ոչ միայն համախմբել ապակենտրոնացուած զինուած խմբաւորումները, այլեւ փոխել բանակի հրամանատարական ղեկավարման մեթոտները` տարերայնօրէն առաջ եկած դաշտային հրամանատարներից աստիճանաբար վերցնելով պլանաւորման գործառոյթը եւ յանձնելով դրանք արհեստավարժ բարձրաստիճան սպաների: Վերջիններս հիմնականում ԽՍՀՄ ռազմական կրթութեան դպրոցով անցած եւ խորհրդային բանակում թրծուած ղեկավար սպաներ էին: Այն բանից յետոյ, երբ մարտական գործողութիւնների ծրագրաւորումն անցաւ արհեստավարժ սպաներին, ռազմաճակատում տեղի ունեցան էական փոփոխութիւններ. հայկական կողմը կանխարգելիչ հարուածներ հասցրեց Լաչինի հիւսիսից միջանցքին սպառնացող ազրպէյճանական ուժերին, Ղուբաթլու-զանգելան հատուածում էապէս մեծացրեց Կապան քաղաքի եւ Կապան-Գորիս մայրուղու անվտանգութեան գօտին, տարեվերջին կայունացրեց ռազմաճակատը, որին արդէն հետեւեց 1993թ.  յաղթահանդէսը:

Այս առումով ուշագրաւ է, որ Ազրպէյճանում միայն մէկ տարի անց` 1993-ի վերջին տեղի ունեցաւ կենտրոնացուած հրամանատարութեան  նման անցումը, ինչը, անշուշտ, էական գործօն էր հայկական զօրքերի յաղթանակի հարցում:

Երրորդ փուլը սկսուել է 1994թթ. յունիսից եւ շարունակւում է մինչ այսօր: Այս ժամանակաշրջանում զգալի աշխատանքներ են իրականացուել բանակաշինութեան, զօրքերի մարտունակութեան բարձրացման, կարգապահութեան ամրապնդման, սպայական ու ենթասպայական, ինչպէս նաեւ պայմանագրային անձնակազմի պատրաստման ու վերապատրաստման, բանակ-հասարակութիւն յարաբերութիւններում որոշակի առաջընթացի ապահովման ուղղութեամբ:

Պատերազմում տարած յաղթանակը թոյլ տուեց պահել նորանկախ պետականութիւնը Հայաստանում եւ Արցախում, հետեւաբար` զարկ տալ բանակաշինութեանը:

Հարկ է նշել, որ հայկական բանակի պատմութեան մէջ եղել է բախտորոշ երկու շրջան: Առաջինը 1993-1994թթ. ձմեռային ռազմագործողութիւններն էին, երբ ամառային հակայարձակողական մարտերից յետոյ պատերազմող բանակը պէտք էր անցնէր կազմակերպուած եւ տեւական պաշտպանութեան Քարվաճառից մինչեւ Հորադիզ ձգուող անծանօթ եւ նոր իւրացուող տարածքներում:

Երկրորդ բախտորոշ շրջանը յետպատերազմեան 90-ականների ֆինանսատնտեսական ծանր վիճակն էր: Նման պայմաններում երկրի առջեւ ծառացան բանակի կազմակերպման, արհեստավարժ ներուժի թարմացման ու կատարելագործման, նորահաստատ մարտական դիրքերի ամրապնդման եւ զօրահաւաքի դժուարին խնդիրները: Կարելի է ասել, որ հետեւողական աշխատանքով երկրի իշխանութիւններին յաջողուեց 21-րդ դարասկզբին լուծել այս օրախնդիր հարցերը:

Բանակաշինութեան հիմնական խնդիրներից մէկը մարդուժի պատրաստութիւնն է: Այսպէս, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան` դեռեւս 1994թ. ստեղծուած բարձրագոյն զինուորական բազմաբնոյթ զինուորական ուսումնարանը կառավարութեան որոշմամբ 1998թ. վերակազմաւորուեց ռազմական ուսումնական հիմնարկի, ապա եւ` համալսարանի (ներկայումս` Վազգէն Սարգսեանի անուան), որի առաքելութիւնը խաղաղ եւ պատերազմական ժամանակ ՀՀ պաշտպանութեան խնդիրներն իրագործելու ունակ, բարձրակարգ սպայական անձնակազմի պատրաստումն է:  2001թ. Երեւանի ռազմական օդանաւորդութեան ուսումնարանը միջնակարգ մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւնից վերածուեց բարձրագոյն ռազմական ուսումնական հաստատութեան` պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական օդանաւորդութեան հիմնարկի (ներկայումս` Արմենակ Խանփերեանցի անուան): Ստեղծուել է Հերացու անուան Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի ռազմաբժշկական բաժանմունքը: Իսկ Ստեփանակերտում գործում է Քրիստափոր Իւանեանի անուան ռազմամարզական վարժարանը, որը միջին սպայական անձնակազմի է պատրաստում Պաշտպանութեան բանակի համար: Շարունակուել է նաեւ սպայական անձնակազմի պատրաստումն ու վերապատրաստումն արտասահմանեան երկրների ռազմաուսումնական հաստատութիւններում: Մասնաւորապէս, Ռուսաստանում եւ Յունաստանում ուսումնառել եւ այսօր իրենց ուսումը շարունակում են աւելի քան 1500 սպայ: Հաշուի առնելով, որ զինուած ուժերի սպաների մի զգալի մասը կազմում էին ինքնապաշտպանական կամաւորական ջոկատների մարտիկները, նրանց որակաւորման եւ վերապատրաստման նպատակով ստեղծուեց սպաների որակաւորման բարձրացման կենտրոնը, որն իր գործունէութեան ընթացքում տուել է շուրջ 1500 սպայ-շրջանաւարտ: Աւելի քան 1000 շրջանաւարտ է տուել Ենթասպաների դպրոցը:

Ռազմական բարձրագոյն եւ միջնակարգ մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւնների ստեղծումը նշանաւորեց բանակաշինութեան անցումը ժամանակակից պայմանների: 1994 թուականի հրադադարից յետոյ ԼՂՀ զինուած ուժերում տեղի են ունեցել կազմակերպակառուցուածքային բարեփոխումներ, ստեղծուել են նոր կազմաւորումներ (միաւորումներ, գունդեր եւ այլն): ԼՂՀ պաշտպանութեան շրջանների առջեւ խնդիր է դրուել մարտական շփման գծի երկայնքով ապահովել պաշտպանութեան ամուր դիրքեր` ռազմական եւ ճարտարագիտական ժամանակակից սարքաւորումներով հանդերձաւորուած:

Մեր օրերում Հայաստանի զինուած ուժերը, ինչպէս նաեւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը թեւակոխել են զարգացման, կատարելագործման եւ մարտահրաւէրների նոր փուլ, որում հնարաւորութիւն է ընձեռւում բանակին շարունակելու յաղթանակած մնալ չաւարտուած պատերազմում, ինչն էլ շղթայաբար պարարտ հող է ստեղծում երկու հայկական երկրների հետագայ անխափան զարգացման համար:

Միեւնոյն ժամանակ, ներկայումս քննարկման փուլում է գտնւում Հայաստանի զինուած ուժերի արդիականացման եօթնամեայ`  2018-2024թթ. ծրագրի նախագիծը, որի մէջ, հաշուի առնելով առկայ մարտահրաւէրները, կանխատեսւում են իրավիճակի զարգացման հնարաւոր տարբերակները, ուղենշւում դրանց հակազդման ուղիները, նախատեսւում ստեղծել անհրաժեշտ պայմաններ` առկայ միջոցների ղեկավարումն առաւելագոյնս արդիւնաւէտ իրականացնելու համար: Նոր ծրագիրը, որը վերաբերում է  ինչպէս զինուած ուժերի ամրապնդմանն ու կատարելագործմանը, այնպէս էլ զինատեսակների արդիականացմանը, նպատակ է հետապնդում էլ աւելի բարձրացնելու զինուած ուժերի կառավարման արդիւնաւէտութիւնը, բանակի պատրաստականութեան ու մարտունակութեան աստիճանը:

Հայկական զինուած ուժերը կազմաւորման պահից մինչ այսօր շարունակում են համագործակցութիւնը միջազգային տարբեր կառոյցների հետ եւ քայլեր են ձեռնարկւում այդ կապերն աւելի ընդլայնելու համար: ՀՀ-ն, 1992-ի  մայիսի 15-ին ստորագրելով Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագիրը, դարձել է ՀԱՊԿ անդամ:

Հայաստանի զինուած ուժերի միջազգային համագործակցութեան դաշտում կարեւոր տեղ ունի Ռուսաստանի հետ ռազմական համագործակցութիւնը: Տարէցտարի խորանում եւ ընդլայնւում է հայկական զինուած ուժերի համագործակցութիւնը նաեւ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի հետ:

Հայկական զինուած ուժերի պատմութեան մէջ կարեւորագոյն դերակատարում ունեն հայ խաղաղապահները` 2004թ-ից սկսած համաշխարհային անվտանգութեան եւ երկարատեւ խաղաղութեան ապահովման իրենց առաքելութիւնը փայլուն կերպով  իրականացնելով աշխարհի տարբեր հակամարտային գօտիներում` Քոսովօ,  Իրաք, Աֆղանստան, Լիբանան, Մալի: Նաեւ նրանց շնորհիւ է, որ աշխարհի բազմաթիւ երկրներում տեսան ու գնահատեցին հայ զինուորի տեսակը: Այն տեսակը, որի անձնազոհ նուիրուածութիւնը Մայր հայրենիքին արիութեան ու խիզախութեան սահմաններ չի ճանաչում: Այն տեսակը, որի գիտակցութեան մէջ հաստատուն ամրագրուած է նժդեհեան խորիմաստ պատգամը. «Վաղը յաղթելու է նա, որ մինչ այդ վաղը իր հոգու մէջ կը տանի յաղթանակը»:

Շնորհաւոր տօնդ, հայո՛ց բանակ:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար


Քաղաքական Անդրադարձ. Թուրքիա Եւ Քրտական Անդունդը

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ամիսներ տեւած եւ բազմաթիւ սպառնալիքներէ ետք թրքական բանակը, իրեն հետ ունենալով Սուրիական ազատ բանակը, յարձակում գործեց Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Աֆրին քաղաքին վրայ, որ կը գտնուի քրտական հսկողութեան տակ: Մօտ երկու շաբաթ անցաւ, եւ տակաւին թրքական կողմը յաղթական արդիւնքներ չէ արձանագրած, երկու կողմերը կը կռուին քաղաքի հիւսիսային շրջաններու գիւղերուն մէջ, ուր պահ մը կը լսենք, որ թրքական եւ ընդիմադիր ուժերը հսկողութեան տակ առած են որոշ գիւղեր, ապա նոյն գիւղերը յաջորդ օրը քրտական վերահսկողութեան տակ կ՛ըլլան:

«Տի Իքոնոմիսթ» (27/1/2018) կը յայտնէ, որ Աֆրինի մէջ կը գտնուին մօտ 10.000 քիւրտ զինեալներ, որոնք մինչեւ վերջ պատրաստ են դիմադրելու թրքական յարձակումներուն, եւ վերջերս գիւղերուն վրայ թրքական օդուժին կատարած ռմբակոծումները ցոյց կու տան, որ թրքական կողմը ոչ մէկ առաւելութիւն ունի գետնի վրայ, նոյնիսկ եթէ անոր դաշնակիցները քրտական կարգ մը դիրքեր գրաւեն: Սակայն կարելի՞ է, որ կացութիւնը փոխուի եւ քրտական կողմը զիջումներու երթայ, եթէ թրքական կողմը շարունակէ իր գործողութիւնները:

Թրքական կողմը չէր կրնար այսպիսի արկածախնդրութեան մը դիմել, եթէ կանաչ լոյս ստացած չըլլար ռուսական կողմէն: Թուրքիոյ նպատակը այն էր, որ Աֆրինի միջոցով սուրիական ընդդիմադիր ուժերը ուղղուին Թել Ռիֆաաթ, որ արաբական գիւղ մըն էր, եւ շրջանը պարպուած էր քիւրտ զինեալներուն կողմէ: Ապա ընդդիմադիր ուժերը պիտի ուղղուէին դէպի Մընպեժի օդակայան, որ կը գտնուի ամերիկեան եւ քրտական ուժերուն վերահսկողութեան տակ: Հաւանաբար կրնանք այն եզրակացութեան յանգիլ, որ Ռուսիա, կ՛օգտագործէ Թուրքիան եւ սուրիական ընդդիմադիր ուժերը, որպէսզի չէզոքացնէ Միացեալ Նահանգներուն ազդեցութիւնը Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ եւ քաղաքական պատգամ մը ուղղէ քիւրտերուն` հասկցնելով, որ ներկայիս Ռուսիան եւ ոչ թէ` Միացեալ Նահանգները, կ՛իշխեն սուրիական քաղաքական դաշտին:

Արդեօք քիւրտերը իրենց քաղաքականութիւնը վերատեսութեան կ՛ենթարկե՞ն եւ կը մօտենա՞ն Ռուսիոյ: Երկուշաբթի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Ժապիրի Անսարիի հետ: Երկու կողմերը քննարկած են Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք ժողովը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են Աֆրինի մէջ թրքական ռազմական գործողութիւններուն: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած էին նաեւ թրքական ռազմական գործողութիւնները եւ զանոնք ձախողութեան մատնելու կարելիութիւնները: Մանրամասնութիւններ տակաւին չկան, սակայն քրտական որոշ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ իրենք  պատրաստ են նոյնիսկ «սատանային» հետ գործակցելու, եթէ կարիքը ըլլայ:  Քրտական խմբաւորման կարգ մը ներկայացուցիչներ «Իզվեսթիա»-ին յայտնած են, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու հրամանատարութիւնը կը բանակցի Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ` Աֆրինը Դամասկոսի վերահսկողութեան յանձնելու համար: Անշուշտ ասիկա նաեւ հարուած մը կ՛ըլլայ ամերիկեան քաղաքականութեան:

Միաժամանակ քիւրտերը բանակցութեան մէջ են ռուսական կողմին հետ.  Ռուսիոյ քիւրտերու ազգային-մշակութային դաշնակցային ինքնավարութեան խորհուրդի նախագահ Ֆարհաթ Փաթիեւ շեշտեց, որ թէ՛ ռուսական, թէ՛ ալ քրտական կողմերը այս բանակցութիւններուն մէջ ունին իրենց համապատասխան պահանջներն ու պայմանները: Ըստ անոր, համաձայնութիւն գոյացնելու պարագային, պէտք է վերջնական որոշում տրուի նաեւ Աֆրինի մէջ քիւրտերու հետագայ կարգավիճակին վերաբերեալ: Քրտական կողմը այլ` աւելի նեղ վիճակի մատնուեցաւ, երբ  Աֆրինի դէմ Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններուն անյաջողութեան մատնուելէն ետք, թրքական օդուժը կը շարունակէ հրթիռակոծման ենթարկել Մետանքիի ամպարտակը` նպատակ ունենալով ջրախեղդ ընել Աֆրինը:  Այս լուրը յայտնեց Սուրիոյ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը:

Թուրք վերլուծաբան Էօմեր Էօսքիզիլճիք «Սիրիա Տիփլի»-ին (23/1/2018) կը գրէ, որ թրքական բանակի ռազմավարութիւնը ամպայման Աֆրինը գրաւելը չէ, այլ` Աֆրին քաղաքին շուրջ ապահով գօտի մը ստեղծելը, որպէսզի արգիլէ, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները միացնեն երեք քրտական շրջանները (Աֆրին, Արաբ Բունար եւ Գամիշլի) իրարու, եւ միջանցք մը ստեղծուի Իրաքի քրտական մարզէն դէպի Միջերկրական ծով: Ներկայիս թրքամէտ սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն հսկողութեան տակ են Ժարապլոսը, Ազեզը եւ Պապը (2.225 քառ. քմ տարածութիւն), որոնք կը գտնուին Հալէպի հիւսիսային` Թուրքիոյ հետ սահմանակից շրջաններուն մէջ: Այլ թուրք վերլուծաբան մը` Ճան Աճուն, «Սեթաւ»-ին մէջ ապրիլ 2017-ին կը գրէր, որ Թուրքիոյ հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ ապագային չէզոքացնելու Աֆրինի մէջ քրտական ուժերը` կանխարգիլելու համար ՔԱԿ-ի անդամներուն հոսքը Ամանոսի լեռներէն դէպի հիւսիսային Սուրիա:  Հետեւաբար, եթէ թրքական զինուորական շղթան սեղմուի Աֆրինի շուրջ, զարմանալի պիտի չըլլայ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) այլ ճակատ մը բանայ Թուրքիոյ մէջ: Մինչեւ օրս ՔԱԿ-ը մարտական գործողութիւններ չկատարեց Թուրքիոյ մէջ, հակառակ անոր որ յայտարարութիւններ կատարուեցան, եւ քրտական աղբիւրներ նշեցին, որ ՔԱԿ-ը պիտի վերսկսի իր ռազմական գործողութիւններուն` թրքական սահմաններէն ներս: Այլ ընդհակառակն, թրքական օդուժը հարուածներ հասցուց Իրաքի հիւսիսային Կորդուաց շրջանին մէջ գտնուող ՔԱԿ-ի դիրքերուն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:

Հաւանաբար միակ միջոցը Աֆրինի քիւրտերուն, որ իրենց վրայէն ճնշումը հանեն, պիտի ըլլայ ՔԱԿ-ի օժանդակութիւնը Թուրքիոյ մէջ նոր ճակատ մը բանալով, եւ այսպիսով, քրտական հարցը նոր թափ ստանալով, Թուրքիա ա՛լ աւելի մխրճուած պիտի ըլլայ քրտական անդունդին մէջ:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. «Ձիթենիի Ճիւղ»-ը Մահ Ու Աւեր Կը Սփռէ Սուրիոյ Անքակտելի Հողատարածք Աֆրինի Մէջ

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

20 յունուար 2018 թուականին, Աֆրինի շրջանը ճակատագրական դարձակէտի մը հանդիպեցաւ, երբ Թուրքիա Աֆրին շրջանին դէմ շղթայազերծեց զինուորական գործողութիւն մը, զոր կոչեց «Ձիթենիի ճիւղ»:

Թրքական բանակը սուրիական ազատ բանակի ուժերուն հետ միատեղ ներխուժեց Աֆրին` ապահովական գօտի մը ստեղծելու պատրուակով:

Թրքական բանակը, օդուժն ու ցամաքային ուժերը իրենց շղթայազերծած «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ծիրին մէջ բուռն կերպով կը ռմբակոծեն քիւրտ զինեալներուն դիրքերը: Շրջանին մէջ ներկայութիւն են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ), Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան, Քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ Կանանց ինքնապաշտպանութեան ջոկատները:

Ըստ Թուրքիոյ պետութեան, գործողութեան նպատակը մեծաւ մասամբ քիւրտերէ բաղկացած ջոկատներու արտաքսումն է Աֆրին քաղաքէն եւ անոր յարակից շրջաններէն: Հետեւաբար, Էրտողանի եւ անոր իշխանութեան «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը ուղղուած է սուրիական Աֆրինի մէջ տեղակայուած քրտական զինուած խմբաւորումներուն դէմ:

Թրքական բանակի Աֆրին ներխուժման մասին թրքական իշխանութիւններ ստայօդ յայտարարութիւններով հանդէս կու գան: Անոնք կը յայտարարեն, որ` «այս գործողութիւնը ուղղուած չէ Աֆրինի մէջ բնակող մեր թուրքմէն, քիւրտ կամ արաբ եղբայրներու դէմ, այլ` ընդդէմ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու: Անիկա սկսած է եւ կը շարունակուի` յարգելով Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ քաղաքական միասնականութիւնը»:

Միւս կողմէն, սուրիական բանակը Հալէպի մէջ գտնուող քրտական ուժերուն դիմաց ճամբայ բացած է` Աֆրին ուղղուելու: Քիւրտ զինեալներ ու զէնք-զինամթերք փոխադրող մեքենաներ Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ թաղամասէն Նըպպոլ եւ Զահրաա գիւղերուն ճամբով մեկնած են դէպի Աֆրին:

Նշենք, որ ծանր մարտեր տեղի կ՛ունենան նաեւ Աֆրինի գաւառի հիւսիսային հատուածին մէջ գտնուող Պիւլպիւլ եւ Ռաճօ քաղաքներուն մօտ:

Յարձակումին իբրեւ հետեւանք ո՛չ միայն զոհուած եւ վիրաւորուած են շրջանի քաղաքացիներ, արձանագրուած են նիւթական վնասներ այլ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ թրքական ուժերը ոչնչացուցած են երկաթէ դարու ժամանակաշրջանի Էյն-Տարա տաճարը:

Պատմական կարեւորութեան համար պէտք է ընդգծել, որ սուրիական տագնապի օրերուն Թուրքիա իր ամբողջ սահմանը լայնօրէն բացաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դիմաց` դիւրացնելով անոնց թափանցումը Սուրիա: Սակայն ան այսքանով չբաւարարուեցաւ,  այդ խմբաւորումներուն արդիական զէնքերով ու քիմիական ռումբերով մատակարարեց: Այդ խմբաւորումները սերտ կապերու մէջ էին Էրտողանի վարչակարգին ու թրքական գաղտնի սպասարկութեան հետ, յատկապէս ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը, որ սուրիական տագնապի օրերուն ամիսներ շարունակ սուրիական նաֆթահորերու քարիւղը ապօրինի միջոցներով կ՛արտածէր Թուրքիա` Թուրքիոյ վարչակարգի պատասխանատու մարմիններուն հետ գործակցաբար:

Աւելցնենք, որ սուրիական տագնապի սկիզբէն ի վեր Աֆրին Սուրիոյ քիւրտերուն համար ապահով վայր դարձած էր, եւ մանաւանդ Հալէպի քիւրտերը հոն բնակութիւն հաստատած էին: Այդ վայրը միեւնոյն ժամանակ եղած էր այն ելակէտն ու դարձակէտը, որ շատ մը ռազմական եւ տնտեսական խումբերու անցումային ճանապարհին վերածուած էր: Այդ պատճառով,  այդ շրջանի քիւրտ ղեկավարները` անտեսելով սուրիական պետութեան իրաւական օրէնքներն ու կանոնները, յառաջացուցած էին իրենց քմահաճ օրէնքները ամէն տեսակ բնագաւառներու մէջ`  սկսելով շրջան մուտք-ելքի անձնագիրի պարագայէն, մինչեւ ինքնաշարժներու սուրիական թիւերու փոխանակումը քրտերէնով` վրան զետեղով «Աֆրին» գրութիւնը եւ այլն:

Նշենք, որ Աֆրին քաղաքը կը գտնուի Հալէպ նահանգի հիւսիս-արեւմտեան մասը, Աֆրին գետի երկու ափերուն, ծովի մակերեսէն 215 մեթր բարձրութեան վրայ:

Աֆրինը տեղադրուած է Հալէպէն 38 քիլոմեթր դէպի հիւսիս-արեւմուտք եւ 332 քիլոմեթր Դամասկոսէն դէպի հիւսիս: Մօտ է Ազազին:

Շրջանը գտնուած է հռոմէացիներու եւ օսմանցիներու տիրապետութեան տակ: 1922-ին անցած է Ֆրանսայի տիրապետութեան տակ, իսկ 1946-ին դարձած է Սուրիոյ մէկ մասը:

Հիւսիսային Սուրիոյ առեւտուրի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը եղած է Աֆրինը: Քիւրտ տաղը (քրտական լեռ) կը կապէ Սուրիոյ` կարեւոր հանգոյց մը գոյացնելով առեւտրական եւ փոխադրական գործողութիւններու: Նշանաւոր եղած է իր պազարը, ուր ամէն չորեքշաբթի օր երկրի հեռաւոր անկիւններէն վաճառականներ եւ արհեստաւորներ հոս կը փութային առեւտուրի համար:

Աֆրինի մէջ հայեր բնակութիւն հաստատած են Կիլիկիոյ պարպումէն ետք:

Մինչեւ 1927 ոչ մէկ տուն կառուցուած է: Կառավարութեան որոշումով, իբրեւ շրջակայ գիւղերու կեդրոն, Աֆրինի հիմը դրած է բժիշկ Յակոբ Խայեան` առաջին բնակարանը կառուցելով: Ժամանակի ընթացքին բարգաւաճ գիւղ մը կը դառնայ Աֆրին` գերակշիռ մասը քիւրտերը կազմելով:

Հետագային Աֆրինի մէջ հայեր կառուցած եւ սեփականատէր եղած են շատ մը շէնքերու, բնակարաններու եւ կալուածներու, որոնցմէ քանի մը հատը մինչ օրս տակաւին կանգուն կը մնայ:

2011 թուականին Սուրիոյ տարածքին սկիզբ առած պատերազմը, թէեւ երկրի ամէն կողմ տարածուեցաւ, սակայն պէտք է ըսել, որ Աֆրինի շրջանը համեմատաբար աւելի ապահով մնաց մինչեւ 2017 թուականի վերջաւորութեան: Համեմատաբար աւելի ապահով ըլլալու պատճառը այն էր, որ այդ շրջանի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը քիւրտեր են եւ անոնք Ռիֆ Հալէպի հիւսիսարեւելեան շրջանը պաշտպանած են` փակելով Աֆրինի մայր ճամբան, որ ամբողջովին քիւրտերուն իշխանութեան տակ կը գտնուէր:

Տարիներու ընթացքին ամբողջ աշխարհին աչքին առաջ քրտական խաղաքարտը կ՛օգտագործուի լայն առումով եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ:

Ինչ կը վերաբերի հոն ապրող հայերու ապահովութեան, ապա պէտք է ըսել, որ պատերազմի ժամանակաշրջանին, մեր տուեալներով, հոն գոյութիւն ունէին քանի մը հայեր, որոնք շրջանը աւելի ապահով նկատելով իրենց գործը հաստատած էին հոն: Հետազօտական աշխատանքի իբրեւ արդիւնք կրնանք ըսել, որ այսօր հոն կ՛ապրին չորս հայեր միայն, իսկ միւսները յաջողած են շրջանէն դուրս գալ` դէպի Հալէպ քաղաք: Այդ հայերէն մէկը կրցաւ երկուշաբթի, 29 յունուար 2018-ին դուրս գալ Աֆրինէն:

Վերջաւորութեան իրականութիւն է, որ Աֆրինի հողատարածքը կ՛ենթարկուի թրքական պետութեան կողմէ արտաքին յարձակումի մը, որ կը վտանգէ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնն ու քաղաքացիներուն կեանքերը:

Այս բոլորին զուգահեռ, մինչ Սուրիոյ պետութիւնը տէր կը կանգնի գերիշխանութենէն բխող իր պարտաւորութիւններուն, իսկ միւս կողմէ` արդէն «Ձիթենիի ճիւղ»-ը մահ ու աւեր կը սփռէ Սուրիոյ անքակտելի հողատարածք Աֆրինի մէջ:

 

 

Լիբանան –Վերադարձի Երկիր

$
0
0

ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

Վայրեր կան, որոնցից միշտ ափսոսանքով ես բաժանւում եւ հեռանալուց յետոյ ուզում ես անմիջապէս վերադառնալ: Դրանք ձգողական անդիմադրելի ուժով, անբացատրելի հմայք ունեցող վայրեր են, ուր միշտ ուզում ես վերադառնալ: Ինձ համար այդպիսի վայր, այդպիսի երկիր է Լիբանանը…

* * *

Իրերի պատեհ բերումով սրանից մօտ երկու տասնամեակ առաջ երեւանեան ձմեռից դուրս գալով` ես յայտնուեցի Լիբանանում: Մինչեւ Լիբանանը տեսնելը ես, ով գիտի, հազար անգամ արտասանել եմ Լիբանան բառը. Արմենակ Շահմուրադեանի «Կիլիկիա»-ն էինք լսում եւ հետը երգում էինք` «Լեառն Լիբանան եւ իւր մայրերը…»: Եւ հիմա ես եկել էի հանդիպելու մեզ համար անիրական թուացող երկրի հետ: Մինչ այդ ես, խորհրդային երկրում ծնուած, խորհրդային երկիրը տեսած, այդ երկրում ապրած անձս (սա ինչ-որ բան ասում է) եղել էի արտասահմանեան երկրներում` Լեհաստան, Հնդկաստան, Մալեզիա, Սինկափուր, Ամերիկա… Եւ բնական է` շատ բանի վրայ զարմացել եմ, շա՜տ ու շա՛տ բաներով հիացել եմ, բայց վերադարձել եմ, մխրճուել առօրեայի մէջ եւ… մոռացել:

Լիբանանի պարագային ամէն բան այլ կերպ եղաւ:

Նախ ասեմ, որ բախտս բերեց եւ Լիբանանում ես ծանօթացայ մի հրաշալի եւ բացառիկ անձնաւորութեան` նկարիչ ու բազմաշնորհ Շահէ Տէր Յարութիւնեանի հետ: Շահէն կեանքին ու բնութեանը սիրահարուած մարդ է: Ես չգիտեմ, չեմ էլ կարող պատկերացնել, թէ Լիբանանում կայ, ապրում է մի երկրորդ անձնաւորութիւն, որն այդքան մանրամասնօրէն գիտի Լիբանանի ամէն մի գիւղը, ամէն մի անկիւնը եւ այդքան մանրամասնօրէն է սիրում այդ երկիրը:

Եւ ահա Շահէն դարձաւ իմ առաջնորդը` իմ լիբանանեան կեանքի բոլոր ազատ օրերին: Շահէն մի փոքրիկ ինքնաշարժ ունէր, ու մեր բոլոր ազատ օրերին մենք շրջում էինք ողջ Լիբանանով մէկ, հիւսիսից հարաւ, Քֆար Նունից մինչեւ Պելֆոր: Մենք ծրագիր էինք կազմել, քարտէզ ունէինք եւ անցանք Լիբանանի գրեթէ բոլոր քաղաքներով ու գիւղերով, լեռները բարձրացանք եւ իջանք գեղեցիկ հովիտները: Շահէն ինձ ցոյց տուեց փիւնիկեան հնագոյն երկիր Լիբանանը` իր պատմական վկայութիւններով, հռոմէական հզօր կայսրութեան հարուստ նահանգ Լիբանանը` անկրկնելի ու աննման, ուղղակի համաշխարհային հռչակ վայելող յուշարձաններով, ժամանակակից Լիբանանը` իր ողջ գեղեցկութեամբ, Ատմայի նման շքեղ ու տպաւորիչ բնակավայրերով:

Շահէն ինձ ցոյց տուեց Լիբանանի բնութեան ողջ գեղեցկութիւնն ու հմայքը` իմ առջեւ բաց անելով Լիբանանի բնութեան գաղտնարանները, մատնացոյց անելով մարդկանց աչքերից ծածկուած, հեռու մնացած գողտրիկ անկիւնները` լեցուն կեանքի հրճուանքով եւ բանաստեղծութեամբ: Յայտնի վայրերը բոլորը գիտեն` Ժայիթա, Պաալպէք, Ժիպէյլ, Սուր, Սայտա… Եւ, ի հարկէ, լիբանանեան նշանաւոր մայրիները, Պշարրէի հարեւանութեամբ, Արզում, ապա Թաննուրինը, Շուֆը… Պեքաայի արեւաշող հովիտը, Լիթանին` Շուֆի բարձրութիւնից դիտուած… Այս թուարկումը կարող եմ անվերջ շարունակել…

Բայց ես այլ վայրեր եմ ուզում յիշել… Հնարաւոր չէ մոռանալ Քֆար Հելտայի եռաստիճան ջրվէժը, անձայն, որովհետեւ մեզ` դիմացի լանջից ջրվէժը դիտողներիս, պարզ ու սքանչելի օրուայ մէջ ձայնը չէր հասնում: Աֆկայի պաղ ջրերը, Սաննինի լանջերի ձիւնհալը, Եահշուշ գետի երգեցիկ մեղեդին, Աքքարի ամրոցը, Զահլէի հարեւանութեամբ, Նիհա գիւղի մօտ գտնուող հռոմէական տաճարը, Ֆարայայի խստաշունչ ձիւներն ու վարը փռուած հովիտը, Ազունիէից Պարուք ձգուող կանաչագեղ անտառները, Ռաշայայի հնձած արտերի թախծալի գեղեցկութիւնը…

Անկարելի է դիմանալ գայթակղութեանը եւ չյիշել Զահլէն` աննման, թագի ադամանդի նման շողուն ու կատարեալ Զահլէն` Պեքաայի նորահարսը: Զահլէի մասին ո՛չ խօսել է պէտք, ո՛չ պատմել. Զահլէն տեսնել է պէտք: Զահլէն արժի ե՛ւ պոէմ, ե՛ւ վէպ, ե՛ւ, ի հարկէ, պատարագ: Զահլէ հասնելու համար Շթորայից պէտք է թեքուել ձախ:

Լիբանանը վայրեր ունի, որոնք մեզ` հայերիս համար առանձնակի իմաստ ու նշանակութիւն ունեն: Շթորայի անունը տուեցի. Շթորան այդ վայրերից մէկն է: Այստեղ ապրել է մեր ժողովրդի մեծ զաւակներից մէկը` ընտիր գրականագէտ եւ բանասէր, անմրցելի գրաքննադատ Նիկոլ Աղբալեանը: Նա այստեղ տուն է կառուցել. իր ժամանակակիցները, ճեմարանում դասաւանդած իր գործընկերները պատմում էին, թէ ի՛նչ դժուարութեամբ, ի՛նչ տառապանքով է պարզ ուսուցիչ Նիկոլ Աղբալեանը կառուցել այդ տունը… Այստեղ էլ նա կնքել է իր մահկանացուն:

Շթորայում մի օր մենք գտանք Նիկոլ Աղբալեանի  տունը: Բակ մտանք: Տան դռները, անշուշտ փակ էին: Բարձրացանք երկրորդ յարկ տանող դրսի աստիճաններով: Յարկը ապակեպատ պատշգամբ-նախամուտք ունէր, ապակեպատ դռնով, որ նոյնպէս փակ էր: Նախամուտք-պատշգամբի ներսը պարզ երեւում էր: Մեզ առաջնորդում էր մի տարեց հայ կին, որի տունը գտնւում էր Աղբալեանի տնից մի երկու տուն այն կողմ: Կինը մեզ պատմեց, որ Աղբալեանը հէնց այդ պատշգամբում է կաթուածահար վայր ընկել: Հայաստանից` ընտանիքից նամակ է ստացել, բացել է եւ կարդալիս կաթուածահար վայր ընկել…

Լուռ կանգնեցինք ու խոնարհուեցինք…

Տասնամեակներ էին անցել, բայց Աղբալեանի տունը անվթար կանգնած էր. թւում էր` տանտէրը այստեղ է, մօտակայքում ինչ-որ տեղ: Սա ցոյց էր տալիս, թէ ի՛նչ ազնիւ մարդիկ են ապրում Շթորայում, ի՛նչ ազնիւ են եղել Աղբալեանի անցեալ ու ներկայ հարեւանները:

Շթորան Աղբալեանով ու իր տնով դարձաւ մեզ համար առանձնապէս սիրելի:

Լիբանանում ես տեսայ, թէ ինչքա՛ն լաւ են զգում իմ հայրենակիցները այս երկրում: Տասնամեակներ շարունակ Լիբանանում եղել է լիարիւն հայկական կեանք, ստեղծուել է մշակոյթ, մշակուել է գրականութիւն, եղել են գրական-մշակութային, կրթական-հասարակական ազգային հաստատութիւններ` դպրոցներ եւ զանազան այլ կրթօճախներ, թատրոն եւ երաժշտութիւն, մամուլ եւ հրատարակչութիւններ, մի խօսքով` ամէն բան, ինչ անհրաժեշտ է ազգային կեանքով ապրող համայնքի համար: Եւ արդէն պարզ դարձաւ, թէ ինչո՛ւ է Լիբանանի հայութիւնը այդքան ջերմ սիրով կապուած այդ երկրի հետ, նրա բարքերին, կեանքին, սովորութիւններին, լեզուին ու խոհանոցին: Եւ հասկացայ, որ իմ հայրենակիցների` Լիբանանի հանդէպ ունեցած սէրն ու առանձնակի վերաբերմունքը նոյնպէս ազդել են ինձ վրայ, որոշակի բաժին աւելացնելով իմ վերաբերմունքին: Ես տեսայ նաեւ այն խորին յարգանքը, որ Լիբանանի իշխանութիւնները եւ Լիբանանի ժողովուրդը ունեն հայութեան, Հայ եկեղեցու եւ հայ մշակոյթի հանդէպ: Սա նոյնպէս, իր հերթին եւ իր չափով, իմ մէջ աւելացրել է Լիբանանի հանդէպ ունեցած իմ սիրոյ եւ յարգանքի չափը:

Լիբանանում ես շատ բան տեսայ. մանրամասն պատմելու համար հարիւրաւոր էջեր են պէտք: Տեսայ նաեւ ստուէրներ եւ անցանկալի գոյներ. կա՞յ իր կամ առարկայ, որ ստուէր չունենայ: Տեսայ, ասենք, Պուրճ Համուտի հսկայ աղբակոյտը, որ եգիպտական բուրգերի հետ կարող է մրցել, տեսայ… Բայց, ճիշդն ասած, դրանք մոռացուել են, ես Լիբանանից միայն լաւ եւ գեղեցիկ պատկերներ ու զգացումներ եմ յիշում… Այնպէս որ, ես միշտ պատրաստ եմ Լիբանան վերադառնալու:

* * *

Լիբանան այցելելուց, Լիբանանը ճանաչելուց յետոյ ես եղայ եւրոպական եւ այլ շատ երկրներում` Ֆրանսա Սպանիա, Պելճիքա, Հոլանտա, Իտալիա եւ այլն: Եւ այնուամենայնիւ, Լիբանանը ինձ համար մնում է այն երկիրը, ուր կ՛ուզէի միշտ վերադառնալ: Դա սքանչելի գեղեցկութեամբ երկիր է, ուր ապրում են ինձ շատ սիրելի մարդիկ` իմ ընկերներն ու բարեկամները:

Մի օր տղաս ծիծաղելով ինձ ասաց. «Հայրի՛կ, ինձ թւում է, որ եթէ մի օր քեզ առաջարկեն ընտրութիւն անել` գնալ անծանօթ ու շատ հետաքրքրական մի երկիր կամ թէ նորից, հերթական անգամ այցելել Լիբանան, դու հաստատ կ՛ընտրես Լիբանանը»:

Հաստա՛տ: Իսկապէս կ՛ընտրէի Լիբանանը:

Ինձ համար Լիբանանը այն երկիրն է, ուր միշտ կ՛ուզէի վերադառնալ…

 

 

ՍԱՐՖ-ը 175.000 Տոլար Կը Տրամադրէ Հալէպի Գործատեղիներու Վերականգնումին

$
0
0

Վերջին շրջանին, Սուրիոյ մայր գաղութի խաղաղութեան բարի լուրերը որոշ չափով կը տարածուին համայն հայութեան առօրեայէն ներս, երբ անցնող վեց տարիներուն սուրիահայ մեր հայրենակիցներու կեանքին մէջ, դաժան պատերազմին հետեւանք, ունեցանք բազմաթիւ որբեւայրի,հաշմանդամ եւ կորուսեալ անհատներով լի ընտանիքներ, կիսակործան ու քանդուած կալուածներ, բնակարաններ, դպրոցներ, ակումբներ, կեդրոններ եւ գործատեղիներ եւ, աւելի՛ն, երկիրն ու հայկական թաղամասերը պաշտպանող երիտասարդ անգին զոհեր…

Հիմնուելով անցեալ տարուան ապրիլին Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած Անթիլիասի մայրավանքի համագումարի որոշումներուն վրայ` ՍԱՐՖ-ի գործադիր մարմինը անհրաժեշտ եւ առաջնահերթ համարելով, ծրագրեց օժանդակել սուրիահայ մայր գաղութի վերականգման եւ վերակառուցման ծրագիրներուն` կեդրոնանալով կիսաքանդ գործարաններու վերակառուցման վրայ, որպէսզի ինքնաբաւ դառնալու եւ բարենպաստ պայմաններու մէջ ապրելու նորոգ յոյսերը` իրենց ամէնօրեայ կեանքի կարիքներու լուծման եւ գոյատեւման ծառայէին:

ՍԱՐՖ-ը տակաւ պատնէշի վրայ է` վերականգնումի այս յոյժ կարեւոր ու անմիջական ծրագրի օժանդակութեան ի խնդիր եւ խորապէս կը գնահատէ մեր հայրենակիցներուՆ յարատեւ ու ազնիւ աջակցութիւնն ու գործակցութիւնը` Սուրիոյ պատերազմին անցնող վեց տարիներու ընթացքին, մեծահոգի ու առատաձեռն նուիրատուութեամբ օժանդակելու` սուրիահայ մեր հայրենակիցներու գոյատեւման, միշտ հաւատալով, որ` «Ո՛չ մէկ հայ անհատ պիտի մնայ անտէր ու անօգնական»:

Առ ի տեղեկութիւն մեր հայրենակիցներուն, վերջին շրջանին ՍԱՐՖ-ը Սուրիոյ ՇՏԱՊ-ի եւ Վերականգնումի մարմինին փոխանցած է 175.000 տոլարի կոկիկ գումար մը, որ գլխաւորաբար պիտի օգտագործուի գործատեղիներու եւ կրթական անմիջական կարիքներու:

Վարձքը կատա՛ր ՍԱՐՖ-ի գործունէութեան նպաստող բարերար մեր հայրենակիցներուն` իրենց ազնիւ նուիրատուութեանց եւ օժանդակութեան համար :

Միասնական ջանքերով պիտի վերականգնենք սուրիահայ մայր գաղութը:

ՍԱՐՖ-Ի ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Յունուար Դ. –Ձիթենիի Թրքական Ճիւղը Խաղաղութիւն Չի Խոստանար

$
0
0

Սուրիական տագնապի սկիզբէն ի վեր Թուրքիա յարձակողական իր նոյն քաղաքականութիւնը կը վարէ: Պատերազմի սկզբնական փուլերուն, սուրիական քաղաքներու ու աւաններու վրայ յարձակումներ հրահրելով, Թուրքիա կը սպառնար երկրի ինքնիշխանութեան, ան չէր վարաներ իր ախորժակները յայտնելու, նոյնիսկ երկրի առաջին դէմքին` Էրտողանին Դամասկոս հասնելու եւ Օմայատ մզկիթին մէջ աղօթելու յաւակնութեամբ: Թուրքիոյ յաջորդ դաւը սուրիական հողերուն վրայ 30 քմ երկարութեամբ ապահով գօտիի մը  հաստատման նկրտումն էր, որ կրկին ի դերեւ ելաւ սուրիական բանակին ու անոր դաշնակիցներուն ռազմավարութեան շնորհիւ: Շրջան մը վերջ, «Եփրատի վահան» ծրագիրով, Թուրքիա քիւրտերու հաւանական ներխուժման դէմ ապահովական շրջան մը յառաջացնելու փորձ կատարեց, որուն կողքին, Սուրիոյ հետ սահմանի երկայնքին պատ մըն ալ բարձրացուց: Այս բոլորը, սակայն, բաւարար չեղան Թուրքիոյ ապահովութեան համար:

Սուրիական բանակին սրընթաց յառաջխաղացքը եւ Իտլիպի գիւղերը հասնիլը Սուրիոյ մէջ թրքական ազդեցութեան վերջին գօտիներու չէզոքացման ահազանգը հնչեցուցին, իսկ Միացեալ Նահանգերու` Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ զինեալ քրտական ջոկատներու մարզումին ձեռնարկումն ու այդ իմաստով կատարած յայտարարութիւնները սուրիական տագնապի թնճուկին մէջ թրքական քաղաքականութեան ամբողջական ձախողութիւնը երեւան բերին:

Այժմ Թուրքիա, խաղաղութեան խորհրդանիշը` ձիթենիի ճիւղը ձեռին, մէկ կողմէ քրտական գործօնը այլ երկրի մը` այս պարագային Սուրիոյ մէջ տկարացնել կը փորձէ, հաւանաբար ենթադրելով որ դուռը փակելով վտանգէն փրկուած պիտի ըլլայ, առանց հաշուի առնելու քրտական գործօնին երկրէն ներս ունեցած ազդեցութիւնը, առաւելաբար վստահելով իր բիրտ ուժին: Միւս կողմէ Սուրիոյ մէջ իր գործակալներուն ծաւալումին համար պարարտ հող ստեղծել կը փորձէ, յատկապէս` սուրիական բանակին կողմէ Իտլիպի մօտալուտ ազատագրումին հետեւանքը գուշակելով:

Սուրիական բանակը բնականաբար իր առաջնահերթութիւններուն համաձայն կը յառաջանայ: Ան չի ներքաշուիր թրքական դաւերուն մէջ: Այժմ բանակը Իտլիպ նահանգին աւելի քան 300 գիւղերն ու տեղւոյն զինուորական  օդակայանը ազատագրած է արդէն: Սուրիոյ պետութիւնն ու ժողովուրդը քաջ գիտեն, որ թրքական ներխուժումը երկրին ու անոր բազմերանգ ընկերութեան ոչ մէկ նպաստ կը բերեն: Ընդհակառակն` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատրուակով կը սպաննեն Սուրիոյ քաղաքացիները, կը քանդեն բնակարաններ, գիւղեր ու քաղաքներ եւ միայն թրքական շահերուն կը ծառայեն:

Սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներուն, աւելին, միասնական ու ամբողջական Սուրիոյ պահպանման համար տագնապի միակ լուծումը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ համախմբուիլն է Սոչիի մէջ: Պահի լրջութիւնը չըմբռնող կողմերը հասկնալու են վերջապէս, որ երկրին մէջ սուրիական բանակն է միակ երաշխիքը արտաքին սպառնալիքներուն դէմ պաշտպանուելու:

Ձիթենիի այս ճիւղը խաղաղութիւն չի խոստանար:

«Գ.»

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live