Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12097 articles
Browse latest View live

«Հիումընզ Ռայց Ուոչ»-ի Ներկայացուցիչ. «Թուրքիոյ Մէջ Կը Ցանկան Վախի Կայսրութիւն Ստեղծել»

$
0
0

Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած է մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ գիտաժողով մը, որուն մասնակցած են Տիգրանակերտի Մարդու իրաւունքներու միութեան, Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու հիմնադրամի Տիգրանակերտի ներկայացուցչութեան, Տիգրանակերտի  Փաստաբաններու պալատի, միջազգային իրաւապաշտպան «Հիումընզ ռայթց ուոչ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները:

Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» թերթին կայքը: Գիտաժողովի ժամանակ ելոյթ ունեցած է Մարդու իրաւունքներու միութիւնը: Տիգրանակերտի մասնաճիւղի նախագահ Ռաժի Պիլիժին նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումները յատկապէս բազմացած են քրտական կարգաւորման գործընթացի դադրեցման եւ ստիպողական վիճակի յայտարարութենէն ետք:

Իսկ «Հիումընզ ռայց ուոչ»-ի Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Էմմա Սինքլէյր Ուեպը հանդէս եկած է «Մարդու իրաւունքներու վիճակը Թուրքիոյ մէջ 2017 թուականին» խորագիրը կրող զեկոյցով: Ուեպը նշած է, որ ներկայի Թուրքիան կը գտնուի կամայականութիւններու փուլին մէջ. «Ձերբակալութիւններ, կալանաւորումներ, աշխատանքէ հեռացումներ, արգելքներ. այլ խօսքով` կամայականութիւններ: Կը ցանկան կատարեալ վախի կայսրութիւն մը ստեղծել»:

Անդրադառնալով ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահէտտին Տեմիրթաշի դատավարութեան` Ուէպը աւելցուցած է. «Տեմիրթաշի դէմ յարուցուած գործին նայելով` կարելի է հակիրճ նկարագրել երկրին մէջ տիրող իրավիճակը»:

Մարդու իրաւունքներու միութեան անչափահասներու յատուկ յանձնաժողովի նախագահ Ռահշան Պաթարայ Սամանն ալ նշած է, որ երկրին մէջ ստիպողական վիճակ յայտարարելէն ետք համակարգուած կերպով բազմացած են խոշտանգումի դէպքերը: Նոյնը վկայած է նաեւ Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու հիմնադրամի Տիգրանակերտի ներկայացուցիչ, փաստաբան Պարըշ  Եաւուզը: Իսկ HDP-ի խօսնակ Այհան Պիլկինը կարծիք  յայտնած է, որ թրքական պետութիւնը կը վախնայ  կազմակերպուած հասարակութենէն, այդ պատճառով ճնշում  կը գործադրէ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն վրայ:

«Ետ կը պահանջենք մեր աշխատանքը» կարգախօսով շարժման աշխուժ մասնակիցներէն  Ուելի Սաչըլըքն ալ ըսած է. «Մեր գործունէութիւնը շարժում չի համարուիր, մեր գոյութիւնը կ՛որակուի որպէս յանցանք: Մենք քիւրտ ենք, ալեւի ենք, ատոր համար ալ մեզի հետ կը թշնամանան. եթէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն չենք, ուրեմն ահաբեկիչ ենք»:


Ուխտած Ճանապարհներ. Այց` Վրիժառու Հայ Բազուկի Շիրիմին

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Ճամբայ ելած եմ դէպի Ֆրեզնօ, Ամերիկայի Քալիֆորնիա արեւմտեան նահանգին` մօտ կէս դար առաջ հայահոծ շրջանը, մեր վրիժառու բազուկին յաւիտենական հանգստավայրը:

Թէեւ անհամբեր եմ տեղ հասնելու, բայց նաեւ տարուած անմոռանալի յիշողութիւններով…

Երբ դեռ պատանի էի, տօնական օրերուն, հայրս խանդավառ կ՛երգէր.

«Թալէաթ փաշան փախաւ Պերլին,
Թեհլիրեանը հասաւ ետին,
Զարկեց ճակտին, փռեց գետին,
Գինի լի՛ց, ախպե՛ր ջան, գինի՛ լից,
Խմողաց անուշ…»:

Ու երգի վերջը յոտնկայս իր հերոսին կենացը կը խմէր. «Արդար բազուկի՛դ մատաղ» ըսելով:

Իսկ այլ առիթներով, մեր դրացի տղոց իր շուրջը հաւաքած, կը պատմէր`  ինչպէ՜ս դեռ «իր պեխն ու մօրուքը նոր բուսած Սողիկը» մեր ժողովուրդի ցեղասպան ոճրագործը «շան սատակ ըրաւ»: Ու մեր մանկական աշխարհը կ՛ալեկոծէր:

Ապա, երբ «ի՛մ պեխն ու մօրուքը բուսան», դպրոցական արձակուրդներուն լափել սկսայ մեր ազատագրական շարժման պատմութիւններու եւ դէմքերու գիրքերը, ճանչցայ մեր ազգային հերոսները…

Ու այսօր, ահա, երկար տարիներու երազ մը կ՛իրականանար:

Ճամբայ ելած եմ Ֆրեզնօ երթալու, հո՛ն, ուր կը հանգչի այդ հերոսներէն մին` հօրս պատմածներուն դիւցազնը` «Սողիկ»-ը:

1881-ին Սերոբեան եղբայրներու, ապա իրենց հարազատներուն հարթած ճամբով Ֆրեզնօ հաստատուողները սկիզբը կը դնեն 1896-ի, 1909-ի եւ 1915-ի ջարդերէն վերապրածներէն կազմուող գաղութին: Երկրի արեւմտեան ափերու հայաշատ համայնքը կը կազմուի: Հո՛ս կը հաստատուի նաեւ ու իր վերջին տարիները կ՛անցընէ մեր ժողովուրդի պաշտպան հերոս զօրավար Անդրանիկը, որ  կը թաղուի տեղւոյն «Արարատ» գերեզմանատան կեդրոնը:

Թալէաթի վրէժխնդրական գործողութեան նշանաւոր դատավարութեամբ ազատ արձակուած, ժամանակ մը Եւրոպա մնալէ ետք, նմանապէս Ֆրեզնօ կու գայ ապրելու հայ վրիժառու զաւակը` Սողոմոն Թեհլիրեան: Երբ մահացաւ 1960-ին, զօրավար Անդրանիկի աճիւնները Ֆրեզնոյէն փոխադրուած էին Փարիզ, անկէ` հայրենի սուրբ հողին յանձնուելու իր բաղձանքին համաձայն, որ սակայն ապազգային իշխանութիւնը չարտօնեց, եւ կրկին օտար հողին յանձնուեցաւ, այս անգամ Փարիզի «Փեր Լաշեզ» գերեզմանատան մէջ: Զօրավարի թաղուած տեղը «Արարատ» գերեզմանատան մէջ, Ֆրեզնօ, երկար ժամանակ մնաց անարժան` ուրիշ ոեւէ հանգուցեալի թաղման: Միայն Սողոմոն Թեհլիրեանի վախճանման պահուն, ազգային հերոսը այդտեղ հանգչելու իրաւունքին տիրացաւ:

Շիրիմին յուշարձանը, բարձր սիւնի մը գլխուն, թեւերը լայն բացած արծիւ մը օձի գլուխէն բռնած ու զգետնած է զայն…

Զգաստացած, լուռ կը մօտենամ խորհրդաւոր յուշարձանին, որուն ճակատին փակցուած է ցուցատախտակ մը, որուն վրայ կը կարդամ. «Կառուցուեցաւ յուշարձանս նուիրատուութեամբ հայ ժողովուրդին` ի յիշատակ ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի, որ Մարտ 15-ին Պերլինի մէջ ահաբեկեց Թալէաթ փաշա թուրք դահիճը եւ գլխաւոր պատասխանատուն 1915-ի ապրիլեան Եղեռնի մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն»:

Ձեռքիս ծաղկեփունջը զետեղելէ, բուռ մը խունկ ծխելէ ու աղօթելէ ետք, վայրկեան մը խոնարհած կը մնամ ազգային հերոսի շիրիմին առաջ  ու իմ կարգիս կը շշնջեմ  հօրս արտասանած կենաց խօսքը` «արդար բազուկի՛դ մատաղ»…:

 

 

Նշմար. Հայկականացնենք Երիտասարդութիւնը

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

Քանի մը օր առաջ «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ կարդացինք այնքան ահաւոր ու մտահոգիչ ախտաճանաչումը` պետական երեսփոխան Յ. Բագրատունիի ստորագրութեամբ. գրուածները վստահաբար ամէն սրտցաւ հայ ընտանիքի մտահոգութիւններն են, եւ ատոնց դէմ պայքար պէտք է յայտարարուի:

Շա՛տ ճիշդ. ախտաճանաչումը բաւարար չէ, եթէ անոր պիտի չհետեւին գործնական քայլեր:

Այդ գործնական քայլերը կը սկսին տունէն. «հայ տուն»-ը անառիկ ամրոց մըն է, ուր ծնունդ կ՛առնէ հայ մանուկը, կը սնանի ու կ՛ուռճանայ` ըստ իրեն հրամցուած սնունդին, տրուած դաստիարակութեան եւ ուղղութեան: Հայ երիտասարդը, որ այսօր մեզ կը մտահոգէ իր այլասիրութեամբ, անշուշտ ծնած եւ հասակ առած է «տան» մէջ, հա՛յ տան մէջ, եւ ուղղութիւն ստացած` իր ծնողքէն: Շատ կրկնուած օրինակ է, որ Ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերուն հայ մայրը Տէր Զօրի անապատի աւազը վերածած գրատախտակի` իր մանուկին սորվեցուցած է հայերէն Ա, Բ, Գ: Այսօր կացութիւնը նոյնն է, հայ մանուկը պէտք է առաջնորդել դէպի «Հայ դպրոց»: Լսած եմ անհիմն ու ծիծաղելի (չ՛արդարացումներ, երբ մայրեր կամ հայրեր ըսած են` «Է՜, հայերէնը փոր չի կշտացներ», ու աւելի՛ն, հայ ծնողներ իրենց երեխաները յանձնած են ոչ հայկական մանկամսուրներու,  որ` «պզտիկը օտար լեզու սորվի». այդ պզտիկը նախ եւ առաջ պէտք է սորվի իր ազգային լեզուն` հայերէնը, յետոյ ուրիշինը: Ու ինչո՞ւ զարմանանք, երբ երկու հայ իրարու հանդիպին, bonjour-ն է անոնց առաջին փոխանակումը, բոլորովին մոռցած այնքան իմաստալից «բարի լոյս»-ը եւ «բարեւ»-ը… Երբ որ Լորտ Պայրըն կ՛ըսէ` «Հայերէնը Աստուծոյ հետ խօսելու լեզուն է…», ո՞ւր կը մնան մեր օտարամոլները…

Այո՛, շրջանակը իր ազդեցութիւնը ունի պատանիին ու երիտասարդին վրայ, բայց «տունը»` իբրեւ անառիկ ամրոց, անխորտակելի պատնէշ պէտք է կառուցած ըլլայ:

Այդ կառոյցին կարեւոր ու անփոխարինելի ազդակներն են հայկական դպրոցը եւ մանաւանդ հայ ակումբը: Դպրոցը մեզ կը զարգացնէ, սակայն մեր դաստիարակները նախ տունը` ծնողներն են, յետոյ` ակումբը: Ակումբը, սկսեալ պատանիներէն, կը կերտէ հայ ըլլալու հպարտութիւնը, ոչ թէ գերադասութեան, այլ` նախապատուութեան ոգիով,  հակառակ անոր որ գերադաս զգալու բազմաթիւ պատճառներ ունինք:

Երբ կը վստահինք յանձնառու երիտասարդութեան, յետադարձ ակնարկով մը կը տեսնենք, թէ երիտասարդ մը ուրկէ՛, ինչպէ՞ս կոփուած ու դարձած է յանձնառու: Մեր նոր սերունդի յանձնառու երիտասարդներն էին Լիզպոնի մեր հինգ հերոսները… անոնք չէին պատկաներ Եղեռնէն ճողոպրած սերունդին, սակայն սնանած էին մեր անձնուրացներուն շունչով: Մեր արդի պատմութեան հերոսներուն յիշատակի ոգեկոչումները, որ կատարեցինք քանի մը շաբաթ առաջ` Սարգիս Զէյթլեանի եւ Աբօ Աշճեանի  նման անմահ հոգիներու: Ո՞ւր կերտուեցան ու կաղապարուեցան անոնք, եթէ ոչ` հայ տան ու հայ ակումբին մէջ:

Հոս առանց բառերը ծամծմելու կ՛ըսեմ, որ պէտք չէ քաջալերենք խառն ամուսնութիւններն ու ոչ հայ վարժարաններ յաճախելու (չ)արդարացումները:

Այո՛, հիմա որ ախտաճանաչումը եղած է, պէտք է քայլ առնել դէպի դարմանում, դէպի հայկականացում` սկսելով իւրաքանչիւր հայ անհատէն, ո՛վ որ ըլլայ ան, ի՛նչ մակարդակի կամ հասկացողութեան տէր ալ ըլլայ: Սորվինք գնահատել մերը` քննադատելէ առաջ: Ասիկա շատ տարածուած ու մեր մէջ բոյն դրած ախտ մըն է: Գիտնանք տեսնել շինիչը ու բարձրաձայն գնահատել այն, ինչ որ հայկական է, մե՛րն է:

Ըսինք, որ հայկական առումով, սփիւռքի մայրաքաղաքը Պէյրութն է, կրկնեցինք, որ սփիւռքահայութեան ուժը լիբանանահայութեան ուժին մէջ է, եւ եզրակացուցինք, որ զօրաւոր սփիւռք կը նշանակէ` հզօր Հայաստան:

Այս ահազանգն ու կոչը ուղղուած են բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն` հռչակելու 2018-ը տունդարձի տարի, երիտասարդներու հայկականացման տարի:

 

 

«Վանայ Ձայն»-ի Նոր Թռիչքը

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Կինս է.

– Վերջերս «Վանայ Ձայն»-ը  բաւական ճոխացուցած է իր յայտագիրները: Դուն գործի ես եւ  առիթ չունիս հետեւելու: Ես գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւիմ եւ շատ մեծ փոփոխութիւններ կը նկատեմ:

– Կը յիշե՞ս` շուրջ 25 տարիներ առաջ Այնճարի  «Հետուիկ» սրահին մէջ լուսահոգի տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը մատուցեց Մուշեղ Գալշոյեանի «Մամբրէ արքան» մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով. «Վանայ Ձայն»-էն դարձեալ սփռեցին տոքթ. Փափազեանի` ընթերցումը, շա՜տ հրաշալի էր:

Ընկերներս.

– «Վանայ Ձայն»-ի երաժշտական սփռումները բաւական փոխուած են. հիմա շատ աւելի այլազանութիւն կայ, ինչ որ կը գոհացնէ ամէն ճաշակի ունկնդիր:

– Լրատուութիւնը արագ է եւ ընդգրկուն:

– Հայաստանի եւ հայութեան, ինչպէս նաեւ գաղութի ներքին կեանքի մասին կը կատարուին բաւական հարցազրոյցներ, որոնք կը յստակացնեն հարցերը` մատնանշելով լուծման ճամբաներ:

Եւ այսպէս, ամէն կողմէ ոգեւորուած ունկնդիրներ դրական գնահատանք կ՛արձանագրեն «Վանայ Ձայն»-ի նոր յայտագիրներուն մասին:

Զգալիօրէն  աւելի տարածուն, աւելի այլազան եւ աւելի անմիջական սփռումներով «Վանայ Ձայն»-ը շատ աւելի մեծ թիւով ունկնդիրներ կը գրաւէ:

Մենք ընդհանրապէս ժլատ ենք մեր գնահատանքներուն մէջ, սակայն պարտաւոր ենք արձագանգել դրական զարգացումներու մասին, մանաւանդ երբ այդ զարգացումը ունի ընդհանրական խորք եւ ազգը հզօրացնելու կը ծառայէ:

Պէտք չէ մտահան ընել, որ այս դրական երեւոյթի ետին կանգնած են խումբ մը նուիրեալ պաշտօնեաներ` սկսելով «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնութենէն, հասնելու համար ձայնասփռումին հսկող եւ չերեւցող վարպետներուն:

Բարձր գնահատանքի արժանի են բոլոր անոնք, որոնք նոր թռիչք տուին «Վանայ Ձայն»-ին:

8 յունուար 2018                                             
Մուսա լեռ-Այնճար

Նամականի. Գնահատականը Պէտք Է Ուղղուի Միայն Երկրորդ Յայտագիրին

$
0
0

Յարգարժան խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի,

Գոհունակութեամբ կարդացի «Ազդակ»-ի 12 յունուարի թիւին մէջ լիբանանահայ արուեստագէտներու վերաբերող լիբանանեան հեռատեսիլի կայանին պատրաստած հաղորդումին մասին: Լիբանանահայ երիտասարդները, այո՛, իրօք, հայկական հարազատ երգերը ո՛չ միայն լիբանանահայ շրջանակներէ ներս, այլ նաեւ լիբանանցի հասարակութեան հրամցուցին որակեալ ձեով:

Զարմանքս կը վերաբերէր «Ազդակ»-ի կատարած միեւնոյն գնահատականին` Էմ. Թի. Վի.ի զոյգ հաղորդումներուն: Առաջինին բնոյթը եւ բովանդակութիւնը ամբողջովին հեռու էր երկրորդէն. ճիշդ է, որ «Ազդակ»-ով տրուածը կը վերաբերէր երկրորդ հաղորդումին, սակայն թէ՛ վերնագիրով եւ թէ՛ նախաբանով ընդհանուր գոհունակութիւն կը յայտնուէր երկու յայտագիրներուն:

Առաջին յայտագիրով հանդէս եկած քաղաքական գործիչին կամ արուեստագէտին յայտարարութիւնները  խորքին մէջ հայկական Սուրբ Ծնունդի խորհուրդին հետ որեւէ առնչութիւն չունէին, մինչ երիտասարդ լիբանանահայ արուեստագէտները հայկական հարազատ երգը հարազատ գործիքներով ներկայացնելով` տօնին հայկականութիւնը ընդգծեցին:

Այս առիթով, խնդրեմ, նկատի ունենալ նաեւ առաջարկ մը: Մեր մշակութային միութիւնները պէտք է նախապէս կապ հաստատեն լիբանանեան հեռատեսիլի կայաններու պատասխանատուներուն հետ եւ հրամցնեն Սուրբ Ծնունդի առիթով սփռուելիք հաղորդումներ, ուր գերակշիռը ըլլայ տօնին կրօնական խորհուրդը եւ ազգային դիմագիծը:

Շնորհակալութիւն

ԸՆԹԵՐՑՈՂ ՄԸ

Գրախօսական. Մեծարժէք Ուսումնասիրութիւն Մը Լիբանանի Խորհրդարանին Մէջ Հայ Երեսփոխաններու Գործունէութեան Մասին

$
0
0

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւնը Պէյրութի մէջ ապրիլ 2017-ին հրատարակած է հանրածանօթ հասարակական գործիչ, իրաւագիտութեան դոկտոր Ռուբէն Աւշարեանի չափազանց արդիական, հանրագիտարանային նշանակութիւն ունեցող երկհատոր աշխատութիւնը, որ կը կրէ «On the Record. Armenian Deputies in the Lebanese Parliaments» խորագիրը: Գիրքը հեղինակին երկարամեայ արգասաբեր աշխատանքի արդիւնքն է` աւելի քան 1330 էջ ծաւալով:

Գիրքին յառաջաբանը գրած է Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, որ արժեւորած է Ռուբէն Աւշարեանին կատարած մեղուաջան ահագին աշխատանքը: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ առկայ հատորները կարեւոր դեր պիտի ունենան լիբանանեան քաղաքական գրականութեան մէջ:

Գիրքին առաջին հատորը կը վերաբերի 1922–1972, իսկ երկրորդը 1972–2017 թուականներու միջեւ երկարող ժամանակահատուածներուն: Իւրաքանչիւր հատորի առաջին մասը կը կազմէ հեղինակի հետազօտութեան արդիւնքը, իսկ այնուհետեւ ներկայացուած են յաւելուածները: Աղբիւրագիտական հարուստ նիւթերու եւ ուսումնասիրութիւններու համակողմանի քննարկումով, մանրամասն կերպով ու պատշաճ գիտական որակով ընթերցողին կը ներկայացուի Լիբանանի տարբեր խորհրդարաններու կազմութեան մէջ հայ երեսփոխաններու ծաւալած յիրաւի՛ ուշադրութեան արժանի եւ մինչեւ այժմ նման լուրջ մօտեցումով մը քննութեան չարժանացած գործունէութիւնը: Այստեղ անփոխարինելի տեղեկութիւններ կան 1929–2017 թուականներու ընթացքին Լիբանանի խորհրդարանին անցեալին անդամակցած եւ տակաւին անդամ եղող 31 հայ երեսփոխաններու մասին, ուր միաժամանակ արժեւորուած է անոնց ծաւալած պատկառելի գործունէութիւնը:

Արձանագրենք, որ հեղինակը միանգամայն համոզիչ կերպով ցոյց կու տայ Լիբանանի քաղաքական կառուցուածքի եւ յատկապէս խորհրդարանի կազմակերպման հայեցակարգի առանձնայատկութիւնները, հայկական համայնքներու` սահմանադրութեամբ ամրագրուած իրաւունքները: Արժեւորելով զանոնք` ան թուարկած է լիբանանեան ներկայացուցչական խորհուրդի, այնուհետեւ առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ յաջորդ խորհրդարաններու կառուցուածքի իւրայատկութիւնները` ընդգծելով, որ անոնց արմատները կու գան 1861 թուականի ինքնավար Լեռնալիբանանի մութասարրիֆութեան ժամանակներէն (Լեռնալիբանանի վերջին մութասարրիֆը (1913–1915) եղած է հայազգի Յովհաննէս փաշա Գույումճեանը):

Ծանօթանալով աշխատութեան` ընթերցողը համապարփակ պատկերացում մը կը կազմէ Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական ներքին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ անոնց բովանդակային կառոյցին մէջ հայ համայնքի հիմնախնդիրներուն մասին: Հարկ է ընդգծել, որ սոյնը կը հանդիսանայ Ռուբէն Աւշարեանի մեծղի հատորներուն հիմնական արժանիքներէն մին: Այստեղ լիովին բացայայտուած եւ յաւուր պատշաճի արժեւորուած են լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի խորհրդարանի հայ ներկայացուցիչներու յառաջադէմ հայեացքները, որոնք հանդէս կու գային երկրին մէջ ճիշդ համարկուելու, կողմնորոշուելու եւ բարգաւաճելու դիրքերէն:

Ռուբէն Աւշարեանի գիրքին ուսումնասիրութենէն կը տեսնենք, որ հայ երեսփոխաններու ուշադրութեան կեդրոնը եղած են ինչպէս Լիբանանի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան հետ առնչուող խնդիրներ, այնպէս ալ` հայ համայնքին վերաբերող բազմաթիւ հարցեր: Մասնաւորապէս 1929–1939 թուականներուն, խորհրդարանական քննարկումներու ժամանակ հայազգի Վահրամ Լէյլեկեանը եւ Խոսրով Թիւթիւնճեանը հանդէս եկած են բովանդակալից ու բազմակողմանի առաջարկներով: Այլ հարցերու շարքին, անոնք լիբանանահայ դպրոցներուն մէջ արաբերէն լեզուի ուսուցման համար յատկացուող նիւթական օժանդակութիւններու ծաւալը աւելցնելու, ինչպէս նաեւ զանոնք տնօրինելու վերահսկողութիւնը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու միտումով հարցեր բարձրացուցած են, յաճախակի հանդէս եկած են հայութեան շրջանակներուն մէջ արաբերէն դասաւանդող ուսուցիչներու քանակի մասին` արաբերէն լեզուի երեկոյեան դասընթացքներուն թիւը աւելցնելու դիմումներով: Առաջարկած են հայ համայնքին համար ներկայացուցչական տեղ յատկացնել Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմէն ներս (պահանջ մը, որ վերջը իրականացաւ)` հաշուի առնելով երկրին մէջ ապրող հայերու թուաքանակը: Կամ 1950-ականներուն Տիգրան Թոսպաթի, Ժոզեֆ Չատերի, ապա Խաչիկ Պապիկեանի գործունէութեան եւ անոնց ելոյթներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւած են երկրի առողջապահութեան, գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան, առեւտուրի, ելեկտրուժի որակին ու գինին, մամուլի, ոստիկանութեան վերաբերող խնդիրները: Անոնք ճշգրիտ եւ օգտակար առաջարկներ ներկայացուցած են խորհրդարանին` երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող աղքատութիւնը յաղթահարելու ուղղութեամբ:

Հեղինակը համոզիչ փաստերով ցոյց կու տայ, որ հայ երեսփոխանները Լիբանանի խորհրդարանէն ներս մասնակցած են սահմանադրութեան, պիւտճէի ընդունման, փոփոխութիւններու քննարկումներուն, ինչպէս նաեւ նման առիթներով անոնք հանդէս եկած են կառուցողական առաջարկներով: Ակնյայտ են քննարկուող խնդիրներու նկատմամբ անոնց յառաջադէմ մօտեցումները: Անոնք սրտցաւ վերաբերում ունեցած են երկրի քաղաքական ու տնտեսական խնդիրներուն հանդէպ եւ իրենց ելոյթները ամենեւին չեն սահմանափակած լոկ լիբանանահայութեան հետ առնչուող հարցերու շրջանակով: Աւելի՛ն. համարած են, որ Լիբանանի խնդիրը նաեւ լիբանանցի հայուն խնդիրն է եւ, որպէս լիարժէք քաղաքացիներ` անհրաժեշտ է առկայ հարցերուն արդիւնաւէտ լուծումներ գտնելու փորձեր կատարել: Լիբանանի շահը անոնք իրաւացիօրէն համարած էին նաեւ իրենցը` զայն նոյնացնելով հայ համայնքի շահերուն հետ:

Ռուբէն Աւշարեանի ուսումնասիրութիւնը գերազանցապէս կ’ապահովէ աշխատութեան գիտական որակը, որուն գործնական օգտակարութիւնը եւ դիտարժանութիւնը առաւել ակնյայտ կը դարձնեն հատորներուն յաւելուածները, վաւերագրական բացառիկ լուսանկարները, անուանացանկերն ու մատենագիտական հարուստ ցանկը: Առանձնապէս ուշադրութեան արժանի են, ինչպէս վերը պահ մը նշուեցաւ, հատորներուն ընդարձակ յաւելուածները, որոնց մէջ ներկայացուած են վիճակագրական տուեալներ ու փաստաթուղթեր հայ երեսփոխաններու մասին: Ատոնց շարքին չափազանց արժէքաւոր են Լիբանանի խորհրդարանի նիստերուն ժամանակ հայ երեսփոխաններու ելոյթներուն բնագրերը, որոնք հատորներու յաւելուածներուն մէջ ներկայացուած են բնօրինակին լեզուով` հիմնականօրէն արաբերէնով, ինչպէս հեղինակը կը շեշտէ, ընթերցողին հնարաւորութիւն ընձեռելու` առաւել առարկայական կերպով ծանօթանալու հայ երեսփոխաններու գործունէութեան: Ընդգծենք, որ սոյնը այլ ուսումնասիրողներու համար կրնայ վստահելի աղբիւր հանդիսանալ: Ելոյթներու ընթերցումէն ակնյայտ կը դառնայ հայ երեսփոխաններու լայն մտահորիզոնը, կրթական բարձր մակարդակը, օտար լեզուներով խօսքը անկաշկանդ, գեղեցիկ շարադրելու բարձր արուեստը:

Խնդրոյ առարկայ աշխատութեան կարեւորութիւնը, անշուշտ, չի սահմանափակուիր միայն վերջինիս` Լիբանանի հայութեան պատմութեան վերաբերող առաջնակարգ աղբիւր մը ըլլալու փաստով: Հատորներուն մանրամասն ծանօթանալէ ետք իսկոյն կը համոզուինք, որ անոնք առաջին հերթին որոշապէս Լիբանանի խորհրդարանի պատմութեան տարեգրութիւնն է: Ուստի միանշանակ ողջունելի է, որ ան հրատարակուած է անգլերէն լեզուով, առաւելութիւն մը, բնականաբար, հաւանական ընթերցողներու շատ աւելի մեծ լսարան մը ապահովելու հեռանկարով: Սոյն հանգամանքը գիրքին շահեկան կողմերէն մէկը ըլլալով հանդերձ, համոզուած պիտի ըլլանք նաեւ ըսելու` աշխատանքը կրնար մեծապէս շահիլ, եթէ ունենար հայերէն ընդարձակ ամփոփում մը, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ գիրքը առաջին հերթին ուղղուած է հայ հանրութեան: Այս տեսակէտէն մեկնելով` չափազանց կարեւոր կը գտնենք հատորներուն արաբերէն յաւելուածները հետագային հայերէնի թարգմանել, քանի որ անոնք անառարկելիօրէն կը հանդիսանան լիբանանահայութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան առաջնակարգ աղբիւրներէն, մասնաւորաբար Հայաստանի, Արցախի, նաեւ սփիւռքի այլ գաղթօճախներու մէջ հայ գիտահետազօտողներու շրջանակներուն:

Ամփոփենք. համակողմանի օգտագործելով Լիբանանի խորհրդարանի նիստերու արձանագրութիւններուն նիւթերը, պաշտօնական մամուլն ու բազմաթիւ այլ աղբիւրներ եւ ուսումնասիրութիւններ, Ռուբէն Աւշարեանը ընթերցողի դատողութեան եւ անաչառ գնահատականին յանձնած է ընդհանրապէս Լիբանանի խորհրդարանին եւ մասնաւորապէս անոր հայ երեսփոխաններու գործունէութեան նուիրուած ծանրակշիռ, հանրագիտարանային բնոյթ ունեցող իր արժէքաւոր եւ յոյժ շահեկան աշխատասիրութիւնը: Միանգամայն համոզուած ենք, որ հմուտ հեղինակին նշեալ հատորները լիբանանահայ գաղութին պատմութիւնը ուսումնասիրողներու համար երկար տարիներ շարունակ պիտի հանդիսանան իբրեւ համընդգրկուն, վստահելի եւ անսպառ աղբիւր մը:

Եթէ երբեք օր մը Լիբանան դադրի սփիւռքահայ գաղթօճախ մը ըլլալէ, եւ եթէ ցանկալի օր մը իրականանայ հայութեան համազգային իղձը` մէկտեղուելու մէկ երկինքի տակ` հայոց մէկ ընդհանրական հայրենիքին մէջ, հայկական մէկ պետութեան եւ միասնական մէկ դրօշի հովանիին ներքոյ, այդ ժամանակ Ռուբէն Աւշարեանին գործը պերճախօս եւ գերազանց վկայութիւն մը պիտի ըլլայ գեղածիծաղ Լիբանանի ասպնջական հողերուն վրայ ապրած, գործած եւ երկրի քաղաքական կեանքին վրայ իր խոր եւ անջնջելի կնիքը դրոշմած հայութեան մասին:

Լիբանանահայութեան եւ ընդհանրապէս Լիբանանի խորհրդարանին նման արժէքաւոր ուսումնասիրութիւն մը պարգեւած հեղինակին` դոկտ. Ռուբէն Աւշարեանին վարձքը կատար: Իրեն սրտանց կը մաղթենք յաջողութիւն եւ նորանոր ստեղծագործութիւններ իրականացնելու անսպառ եռանդ:

Ժընեւ, 11 դեկտեմբեր 2017

 

Նշմար. Եւ Տասը Տոլարը Կրնայ Ազգը Պահել…

$
0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Անցեալ տարուան դեկտեմբեր ամսուն Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը հրապարակեց լուր մը, որուն մէջ կը յայտարարէր դրամահաւաք` ի նպաստ «Լալա ու Արա. մանկապատանեկան դաստիարակչական խաղերու ծրագիրին, նպատակ ունենալով անվճար դարձնել զայն: Այս հանգանակութիւնը պարզ եւ սովորական դրամահաւաքէն անդին կ՛երթար: Կազմակերպիչները կրնային անշուշտ հայ բարերարներուն դիմել` առանց ամենադոյզն մտահոգութիւնն ունենալու ծրագիրի յաջողութեան հետ կապուած, սակայն անոնք ուզեցին ժողովուրդին ուշադրութեան եւ գիտակցութեան յանձնել փոքրիկները հայ շունչով եւ ոգիով մեծցնելու եւ դաստիարակելու խիստ կարեւորութիւնը` հաւատալով, որ մեր ազգի զաւակները ամենայն յանձնառութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ հրամցուած առիթը կ՛օգտագործեն եւ իրենց անվերապահ մասնակցութիւնը կը բերեն:

Պէտք է նշել, որ դրամահաւաքը մէկ շունչով չանցաւ, եւ մէկ օրուան մէջ կարելի չեղաւ պահանջուած գումարը գոյացնել, բայց եւ այնպէս «արդիւնքը կարեւոր է», կ՛ըսեն, եւ այս պարագային արդիւնքը փայլուն եղաւ: Հայ ազգի զաւակները անսացին իսկապէս սրբազան նկատուող նպատակի մը համար հրապարակուած կոչին եւ իրենց համեստ ներդրումներով հայ փոքրիկներուն մայրենիին կապուած մնալու եւ հայերէնով մեծնալու հրաշալի կարելիութիւնը ընծայեցին: Ցարդ պատրաստուած երեք խաղերը արդէն իսկ անվճար տրամադրելի դարձան փոքրիկներուն:

Այս ոգեւորիչ երեւոյթը աչքի առաջ ունենալով` կ՛ուզեմ ըսել հետեւեալը. այսօր հայ լրատուամիջոցներէն յաճախ կ՛իմանանք, գաղութներուն մէջ ըլլայ կամ Հայաստան, զանազան ծրագիրներուն յաջողութեան մասին,  սակայն անոնց յաջողութիւնը շատ յաճախ կ՛ըլլայ բարերարներու մասնակցութեամբ եւ ներդրումով: Դրական եւ գնահատելի երեւոյթ է ասիկա, սակայն ինչո՞ւ ժողովուրդի զաւակներս յաճախ հանդիսատեսի հանգամանքով կը ծափահարենք ազգային ձեռքբերումները` առանց մեր դերակատարութիւնը ունենալու: Կեանքի մէջ անգամ մը նոյնիսկ մտածեցի՞նք, որ պէտք է, չէ՞, հարուստներ ըլլանք մեր նիւթական ներդրումը կատարելու այս կամ այն ծրագիրի յաջողութեան համար: Իւրաքանչիւր գիտակից հայ մարդ, ազգի յաւերժութեան հաւատացող հայ, եթէ ամսական դրութեամբ հինգէն տասը տոլար տրամադրէ, տարեկան ի՜նչ գումարներ կրնանք գոյացնել: Այո՛, մենք տարիներ առաջ հիմնուած եւ ցարդ գործող հիմնադրամներ ունինք, սրտաբուխ անձնական նուիրատուութիւններ կատարող հայորդիներ ունինք, բայց եւ այնպէս մեծագոյն դրամագլուխը կը մնայ ազգը:

Օրինակ` անցեալ տարի Լիբանան իմ այցելութեան ժամանակ, երբ Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ կը շրջէի, Արագածի Ժողովրդային տան քովէն անցնելով` ներս մտայ եւ տեսայ, որ ակումբի արտաքին եւ ներքին մասերը բաւական հինցած եւ մաշած վիճակ ունին եւ նորոգութեան կը կարօտին: Ինչո՞ւ անտարբեր ենք: Ինչո՞ւ այսքան ծառայութիւն մատուցած ակումբին վիճակը բախտին կը ձգենք:

«Կուսակցութիւնը կը նորոգէ», կ՛ըսենք թերեւս: Սակայն մեր կուսակցութիւնը միլիառաւոր հաշիւներ չունի ամէն կողմ եւ ամէն տեղ նիւթական յատկացումներ կատարելու, անոր գանձանակը չափ ու սահման ունի: Սփիւռքի մէջ չունինք համապատասխան պետական գերատեսչութիւններ եւ կառոյցներ, որպէսզի անոնք նորոգութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեն:

Հետեւաբար, մենք` ժողովուրդի զաւակներս պատասխանատուութեան բաժին ունինք մեր ազգային կառոյցները կանգուն պահելու առումով: Վստահ եմ, որ ունինք ոչ միայն կուսակցական, այլ նաեւ եկեղեցական, կրթական եւ այլ ազգային կառոյցներ, որոնք նորոգութեան եւ բարեզարդման կարիքը ունին: Հետեւաբար, եթէ «Հինգ տոլարի» կամ «Տասը տոլարի» հիմնադրամը հիմնուի, եւ անոր հիմնադիրները նուիրեալ եւ գաղափարապաշտ մարդիկ ըլլալով` կարենան այդպիսի ձեւով ներկայացնել հիմնադրամին նպատակը եւ առաքելութիւնը, որ մեր ազգի զաւակներս հաւատանք, որ մեր իւրաքանչիւր հինգ կամ տասը տոլարի ներդրումով հայ ազգը կորուստէ փրկելու եւ դէպի յաւերժութիւն առաջնորդելու պիտի ըլլանք, կը նշանակէ, որ վերջին տարիներու մեծագոյն յաղթանակը արձանագրած կ՛ըլլանք մեր ազգային պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ, քանի որ գոյացած գումարներով ո՛չ միայն նորոգութիւնները եւ բարեզարդումները կը կատարենք, այլ ի վիճակի կ՛ըլլանք նոր ծրագիրներ մշակելու եւ ի գործ հանելու, ազգային ընթացքի շարունակութիւնը ապահովելու եւ անվախ ու ինքնավստահ քալելու մեր ազգային մեծագոյն երազին ընդառաջ:

Անշուշտ կան մարդիկ, որոնք հարց պիտի տան, թէ անոնց յատկացուած դրամները ճշդուած նպատակին պիտի հասնի՞ն թէ՞ տեղ մը պիտի կորսուին: Իրաւունք ունին, արդար հարցում մըն է, սակայն եթէ հիմնադրամը տեղեակ պահէ հասարակութիւնը ընթացիկ գործունէութեան մասին եւ տարեկան տեղեկագիրով հաշիւ տայ ժողովուրդին կատարուած աշխատանքներուն մասին, ալ ի՞նչ ապացոյց: Ուրեմն, եթէ կը հաւատանք մեր ազգային կառոյցներու գործունէութեան ճշմարտութեան, եթէ կ՛արժեւորենք մեր նուիրեալներուն եւ նահատակներուն ազգային ծառայութիւնները եւ, ի վերջոյ, եթէ մենք զմեզ ատակ կը զգանք իւրացնելու անոնց` մեզի ձգած աւանդը, պէտք է գիտնանք մեր միջոցներով եւ մեր մասնակցութեամբ կանգուն պահել մեր կառոյցները,  ուր վաղուան կուսակցականներ, մտաւորականներ, հոգեւորականներ եւ պարզապէս գիտակից ազգայիններ պիտի պատրաստուին: Միայն բարերարներ կոչուած չեն ազգային ծառայութիւններ մատուցելու, այլ նաեւ ազգի պարզ զաւակներս մեր համեստ դրամները քով-քովի բերելով` կրնանք հրաշալի նախաձեռնութիւններ ի կատար ածել: Եւ կը հաւատամ, որ կրնանք իւրաքանչիւրս այս համեստ ներդրումը կատարել: Չէ՞ որ գարեջուր խմելու կամ ալ ուրիշ վայելքներուն համար ամսական աւելի մեծ գումարներ կը ծախսենք:

Հաւանաբար շատերը այս յօդուածը կարդալով` զիս խենթի տեղ պիտի դնեն, բայց ես չեմ նեղուիր երբեք, քանի որ կը նախընտրեմ երազով խենթ ըլլալ, քան` հաւատքը կորսնցուցած խելացի:

 

 

Գնաճի Մասին…

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Պէտք է ողջունել նախագահ Սարգսեանի նախաձեռնութիւնը երկրի շուկայական համակարգէն ներս սանձազերծուած գնաճի (inflation) կապակցութեամբ խորհրդակցութիւն հրաւիրելու:

Պետական բարձր մակարդակով այս խորհրդակցութիւնը տեղի ունեցած է երէկ (Չորեքշաբթի, 10 Յունուար) եւ անոր մաս կազմած են բոլոր պատկան գերատեսչութեանց պետերը բացի ՀՀ վարչապետէն: Ինչպէս անցեալին, պր. նախագահը հանդէս կու գայ մանրակրկիտ վերլուծումներով հարցի ախտորոշման տուեալները մէկիկ-մէկիկ հանդիսադրելով եւ պարտաւորութիւններ մատնանշելով: Նաեւ պահանջ կը դնէ, որ գերատեսչութեանց պետերը գնաճի երեւոյթին առարկայական եւ սպառիչ ուսումնասիրութիւնը ընեն եւ առնեն անհրաժեշտ քայլերը գնաճը հակակշռի տակ բերելու: Այս բոլորը նախաձեռնութեան դրական կողմերն են, որոնք սակայն (լաւագոյն պարագային) սկիզբն են միայն երկրի տնտեսութեան համար ճակատագրական բնոյթ ունեցող այս պայքարին:

Պր. նախագահը դիտել կու տայ՝

«…Առաջին հանգամանքը հետեւեալն է. ակնյայտ է, որ Հայաստանում շուկայական յարաբերություններ են գործում, եւ պետութիւնը չի միջամտում գնագոյացման պրոցեսներին (գործընթացներուն-Խմբ.), բայց մենք նախ պարտաւորութիւն ունենք միջավայր ձեւաւորելու՝ մրցակցայի՛ն միջավայր, որը երեւի հիմնական գործօններից մեկն է գների արդարացի կարգաւորման գործում: Երկրորդ՝ մենք ունենք ամբողջական գործիքակազմ շուկայում գերիշխող դիրք ունեցող տնտեսավարողների գործունէութիւնը ուսումնասիրելու: Եւ երրորդ՝ մենք ունենք բազմաթիւ լծակներ պարզելու, թէ շուկաներում տատանումներն իրօք օբիեկտիւ (առարկայական-Խմբ.) գործընթացների՞ արդիւնք են, թէ տնտեսավարողների ագահութեան պատճառ:»

Յստակ է, թէ ինչի՞ կ՛ակնարկուի, երբ կը խօսինք «տնտեսավարողների ագահութեան» մասին: Իրականութեան մէջ, հոն իսկ թաղուած է հարցին իսկական բանալին (չըսելու համար‘ «շան գլուխը»): Փաստը այն է, որ Հայաստանի ազգային տնտեսութիւնը լայն չափերով կը գտնուի երկրի մենաշնորհային համակարգի ճանկերուն մէջ: Մրցակցային դաշտի ազատ պայմաններուն մէջ «տնտեսավարողների ագահութիւն»ը պէտք է ըլլայ էապէս անհետեւանք: Ազատ շուկան՝ ի՛նք պէտք է փշրէ ագահութեան ամէն յիմար փորձ: Պր. նախագահը ոչինչ կ՛ըսէ մենաշնորհային համակարգի պատասխանատուութեան մասին: Գերատեսչութեանց պետերը, ըստ նախագահական զեկոյցին, գնաճը կը բացատրեն միջազգային շուկայի գիներու բարձրացմամբ: Ոչ ոք կը յարուցէ հաւանականութիւնը մենաշնորհային համակարգի դերակատարութեան: Քննարկման մասնակիցներէն ոչ ոք տրամադրութիւն ցոյց կու տայ մեր տան ներքին հարցերուն վրայէն վարագոյրը վերցնելու: Բացի անշուշտ պր. նախագահի վերոյիշեալ հպանցիկ մատնանշումէն:

Եթէ ՀՅ Դաշնակցութեան պլատֆորմի կէտերով հաստատուած համակարգային բարեփոխումներու եւ յատկապէս մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման պահանջները շարունակուին անտեսուիլ, պր. նախագահն ու կառավարութիւնը արմատական լուծում չեն կրնար բերել գնաճի երեւոյթին: Այնքան ատեն, որ մենաշնորհային համակարգի գոյութիւնը կը հանդուրժուի երկրին մէջ, գնաճը անխուսափելի է: Պր. նախագահը կրնայ ժամանակաւոր եւ մակերեսային «լուծում»ներ պարտադրել երկրին (որոնց սուղ գինը ի վերջոյ հանրութիւնն է, որ կը վճարէ), բայց գնաճի սպառնալիքը կը շարունակէ կախուած մնալ երկրին վրայ եւ ամէն օր աւելի պատուհասել երկրի տնտեսութեան դաշտը:

Պէտք է սրտանց մաղթել, որ իշխանութիւնը աննախընթաց խիզախութիւն ցուցաբերէ այս խնդրին մէջ եւ վճռականօրէն անցնի խորհրդակցութիւններու փուլէն անդին: Ի վերջոյ իր ապագան է խնդրոյ առարկայ: Ներկայ պայմաններուն մէջ, միայն ինքն է, որ կրնայ փրկել ինքզինք եւ երկիրը գնաճի դառն հետեւանքներէն:

asbarez.com


Խմբագրական. Յոյները, Ասորիները Եւ Այժմ` Եզիտիները. Ազգային Ժողովի Հետեւողականութիւնը

$
0
0

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը` եզիտի ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը դատապարտող, բարոյական անհրաժեշտ դիրքորոշումի առընթեր յստակօրէն ունի քաղաքական այժմէական նշանակութիւն:

Բարոյականը այն մղումն է այս պարագային, որ նոյնինքն ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի պետութիւնն է, որ պարտք կը զգայ իր հետապնդած ճանաչումներու արշաւին նման ճանչնալ այլ ցեղասպանեալ ժողովուրդի մը իրողութիւնը եւ անկէ մեկնած դատապարտել եղածը:

Այստեղ կայ կարեւոր այլ հանգամանք եւս. եզիտի ժողովուրդը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ունի իրաւական կարգավիճակ` իբրեւ ազգային փոքրամասնութիւն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ քաղաքացիութեամբ հայաստանցի եւ ազգութեամբ եզիտի բնակչութիւնը մաս կը կազմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին: Պատմական օրինակները պահ մը մէկ կողմ ձգելով յիշենք միայն վերջերս ազգութեամբ եզիտի զինուորին նահատակութիւնը ապրիլեան պատերազմին:

Հիմա կեդրոնանանք քաղաքական ուղերձներուն վրայ, որոնք տեղ գտած են Ազգային ժողովին քուէարկած յայտարարութեան մէջ: Այնտեղ կայ յղում Ցեղասպանութեան առնչութեամբ  ՄԱԿ-ի համապատասխան յօդուածներուն, կանոնակարգային սահմանումներուն, ցեղասպանական յանցագործութիւնները կանխարգիլելու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ  ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները յարգելու միջազգային իրաւունքով ամրագրուած պետութիւններու պարտաւորութիւններուն: Ի դէպ, 2015-ին յոյներու եւ ասորիներու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գծով Ազգային ժողովի քուէարկած բանաձեւը եւս այս մասով համահունչ էր եզիտիներու ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութեան: Այնտեղ կը բացակայէր աւելի վարը նշելի բաժինը:

Յայտարարութիւնը ապա կ՛անցնի ճանաչման եւ դատապարտման բաժիններուն, որոնք միեւնոյն տողերուն մէջ համատեղուած են: Այստեղ արդէն ուղղակի ակնարկ կ՛ըլլայ ցեղասպանութեան տարբեր բնոյթի յանցագործութիւններու իրականացման փաստերուն եւ ցեղասպանութեան իրականացման աշխարհագրական միջավայրին: Յայտարարութիւնը կը դատապարտէ ահաբեկչական դրսեւորումները, ծայրայեղական գաղափարախօսութիւնը եւ այդ բոլորի ներշնչանքներուն տակ կատարուած ցեղասպանական արարքները:

Այս բոլորէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան` միջազգային կառուցակարգերու միջոցով հետաքննելու կատարուած յանցագործութիւնները, հետապնդելու եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու միջազգային յանցագործութիւններ կատարած անձերը, ձեռնարկելու միջոցներ եզիտի բնակչութեան անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը ապահովելու, անոնց մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար, ինչպէս նաեւ գործադրելու բոլոր հնարաւոր ջանքերը ապագային մարդու իրաւունքներուն ուղղութեամբ նման խախտումները կանխելու, բացառելու եւ վերացնելու համար:

Մշակուած բանաձեւ է նաեւ այս յայտարարութեան մէջ տեղ գտած այն հատուածը, որ Ազգային ժողովը այս առիթով իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Իրաքի պետութեան եւ ժողովուրդին: Ներկայ ռազմաքաղաքական պայմաններուն մէջ միայն Իրաքի պետութեան կամ միայն Իրաքի ժողովուրդին համերաշխութիւն յայտնելը կրնար որոշ մեկնաբանութեան դուռ բանալ. յատկապէս եթէ նկատի ունենանք, որ քիւրտ ազգաբնակչութիւնը մաս կազմելով Իրաքի ժողովուրդին կարեւոր փուլերու տրամագծօրէն հակոտնեայ դիրքերու վրայ կը գտնուի Իրաքի պետութեան ճշդորոշած մօտեցումներուն նկատմամբ:

Եզիտիներու նկատմամբ կատարուած մարդկութեան դէմ ոճիրները, համաշխարհային լրատուամիջոցներու, հաղորդումներուն եւ քննարկումներուն մասնակցող հասարակական դէմքերու թէ վերլուծաբաններու կողմէ նկատուեցան իբրեւ ցեղային զտումներ կամ ցեղասպանական արարքներ: Տեղահանութիւններն ու սպանութիւնները կայացան տեղեկատուական բաց համակարգով եւ բազմաարբանեակային հեռարձակումներով յատկանշուած մթնոլորտի մէջ:

Մինչ այժմ սակայն, պաշտօնական Երեւանն է միայն, որ իր Ազգային ժողովով կը ճանչնայ, կը դատապարտէ եզիտիներուն դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային ընտանիքէն պատժելիութիւն կը պահանջէ յանցագործներուն նկատմամբ:

Հայերու Ջարդերը Պաքուի Մէջ –Սարսափելի Վկայութիւններ Ողբերգութեան 25-րդ Տարելիցին Առթիւ

$
0
0

«Փանորամա» կայքը յաջորդաբար կը հրապարակէ 1990 թուականի յունուար 13-20 Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ջարդերուն վերաբերեալ ականատեսներու վկայութիւններու շարք, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու յայտարարութիւններ: Նիւթերը տեղադրուած են karabakhrecords.info կայքին մէջ:

Ստորեւ` անոնցմէ քանի մը հատը:

Իկոր ՎՈԼԿԻՆ, գրող.- «Եթէ Սումկայիթում կազմակերպուած ջարդերից յետոյ ձեռնարկուէին հրապարակային, վճռական եւ, չեմ  վախենում ասել, դաժան միջոցներ, ապա այսօր մենք  չէինք ունենայ ազգամիջեան քրոնիկ ահաբեկչութիւն` Ղարաբաղ, Ֆերկանա, Նոր Ուզեն, Պաքու, Օշ: Ջարդարարները զգում են իրենց անպատժելիութիւնը, քանզի, խօսելով «առարկայական պատճառների մասին», մենք ասես ճանաչում ենք արիւնարբու խրախճանքի նրանց իրաւունքը»:

«Քոմսոմոլսքայա Փրավտա»,
3-07-1990թ.

 

Անտրէյ ՔԻՊՐԻՔ (գիտնական, Մոսկուա).- «Ազրպէյճանում տեղի էին ունենում խաղաղ քաղաքացիների զանգուածային եւ բազմիցս կրկնուող սպանութիւններ, իսկ Հայաստանում նման որեւէ բան չէր եղել»:

«Սթրանա ի միր» ամսագիր,
Միւնիխ, 1990, թիւ 1 (55)

 

ԽՍՀՄ ժողովրդական պատգամաւոր Ա. ՎՈՐՈՊԵՈՎ.-  «Եկէք` ոչ մէկին յիմարի տեղ չդնենք. պէտք չէ մեղադրել անանուն հայերի` իբր նրանք  իրենք իրենց էին կոտորում կամ առաջինն էին սկսել, կամ թէ` իրենք իրենց նետում  էին պատուհաններից… Այն, ինչ կատարւում է Ազրպէյճանում, «ԽՍՀՄ-ի ներքին գործը» չէ, այլ համաշխարհային աղէտ: Աշխարհը  վերջապէս պէտք է յայտարարի, որ այլեւս  չի հանդուրժի եւ թոյլ չի տայ ցեղասպանութիւն»:

«Օկոնեոք» ամսագիր,
1990, թիւ 14, էջ 24

 

Քիրիլ ՍԹՈԼԵԱՐՈՎ,- գրող, Մոսկուա.- «Ջարդերից շատերն իրականացւում էին առանձին դաժանութեամբ: Յունուարի 14-ին 30-40 հոգանոց խումբը ներխուժեց զառամեալ ամուսիններ Թորոսեանների բնակարան, որտեղ գտնւում էին նրանց երկու բարեկամուհիները` նոյնպէս տարիքով կանայք: Հրոսակները ծեծի ենթարկեցին բոլորին, վերցրին երեքուկէս հազար ռուբլի, նշեալ քաղաքացիներին ու նրանց հարեւանուհի Յարութիւնովային  բռնի կերպով դուրս հանեցին քաղաքից, պենզին լցրին եւ վառեցին»:

«Ռասփատ», Մոսկուա,
«Օլմա-փրեսս», 2001թ.

 

Պաքուի գլխաւոր հոգեբուժ Ա. ՍՈՒԼԹԱՆՈՎ.- «Մի՞թէ նրանք, ովքեր ծեծում, վառում եւ խուլիկանութիւններ էին անում, չէին մտածում, որ ամէն ինչի համար հարկ կը լինի պատասխան տալ: Մի՞թէ նրանք կարծում են, թէ արցունքներով թողնուած հարստութիւնը որեւէ մէկին երջանկութիւն  կը բերի: Երբե՜ք»:

«Պաքինսքի ռապոչի» թերթ,
24 մարտ 1990

 

Զօրավար Ալեքսանտր ԼԵՊԵՏ.- «Հայերին բռնում եւ մահացու հարուածներով ծեծի էին ենթարկում, միաժամանակ` հրեաներին, օսերին, վրացիներին եւ բոլոր նրանց, ովքեր այս կամ այն չափով նման էին հայերին: Ծեծում էին, ինչպէս ասում են, դէմքին, այլ ոչ թէ անձնագրին նայելով»:

«Զայ տերժաւու օպիտնօ» գիրք, էջ 252:

 

Լէյլա ԵՈՒՆՈՒՍՈՎԱ, 1990 թուականին «Ժողովրդական ճակատ»-ի վարչութեան  անդամ.- «Այդ քայլերին սատարում էր պաշտօնական ղեկավարութիւնը, որը դեռեւս անցեալ աշնանը «Ժողովրդական ճակատ»-ին որակում էր որպէս ծայրահեղականներ, յանցագործներ, իսկ այժմ դադարեց հալածել նրանց, քանի որ «Ճակատ»-ի աջ թեւի գաղափարները նրան հարազատ էին: Հանրապետութեան ղեկավարութիւնն աչք է փակում նաեւ աջ թեւի` Հայաստանի հետ հակամարտութիւնը շարունակելու ձգտման վրայ: Օրինակների համար պէտք չէ հեռուն գնալ. Պաքւում  հրդեհեցին  հայկական եկեղեցին, ընդ որում, ոստիկանութիւնը չարձագանգեց վանտալիզմի այդ քայլին…»:

CIA գործակալութեանը տուած հարցազրոյցից,
1990 թ., յունուար

 

Նիքոլայ ՓԵԹՐՈՒՇԵՆՔՕ, ԽՍՀՄ ժողովրդական պատգամաւոր, գնդապետ.- «Որպէս իրադարձութիւնների ականատես` ասեմ, որ ողջ Պաքուն քաջ գիտէր, որ քաղաքում կը մտցուեն պարէտային ժամ եւ զօրքեր: Իսկ այստեղ` այս դահլիճում,  հանրապետութեան ղեկավարներն իրենց անմեղի տեղ են դնում, իբր չգիտէին, չէին տեսել, որ զօրքերը մտնում են Պաքու: Ընդ որում, նրանք ջարդերի ամենաթէժ պահին անընդհատ դիմում էին Գերագոյն խորհրդին` տեղում արտակարգ դրութիւն մտցնելու խնդրանքով` շրջաններում, միայն թէ` ոչ Պաքւում: Մի՞թէ պատճառն այն չէր, որ քաջ գիտէին` «Ժողովրդական ճակատ»-ը փաստօրէն մտցրել էր «իր» պարէտային ժամը եւ «իր» արտակարգ դրութիւնը Պաքւում»:

ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհրդի
1990 թ. մարտի 5-ի նստաշրջանի ելոյթից

 

Վատիմ ՊԱՔԱԹԻՆ, ԽՍՀՄ ներքին գործերի նախարար.- «Ազրպէյճանական ԽՍՀ ղեկավարութիւնը, մասնաւորապէս, համապատասխան մարմինները չէին կարող չիմանալ, որ յատուկ կազմակերպուած հանրահաւաքում  նախապէս ծրագրուած էր այն սադրանքը` իբր հայերն սպաննում են ազրպէյճանցիներին: Եւ միանգամից հանրահաւաքի 5 հազար մասնակիցներ ցրուեցին քաղաքով մէկ` ունենալով հայերի բնակարանների հասցէները: Այդ իրավիճակում դժուար էր ինչ-որ բան ձեռնարկել, յատկապէս եթէ հաշուի առնենք այն փաստը, որ ներքին զօրքերի գործողութիւններն ամէն կերպ արգելափակւում էին նրանով, որ աւազակները որպէս կենդանի վահան օգտագործում էին կանանց եւ երեխաներին»: «Ի՞նչ դասեր քաղեցին Ազրպէյճանի իշխանութիւններն այդ ողբերգութիւնից», եւ ինքն էլ պատասխանեց` «Ո՛չ մի»:

ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհրդի
1990 թուականի նստաշրջանի ելոյթից

 

Ռոպերթ ՔՈՒՇԵՆ, Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութեան զեկուցող.-  «Ջարդերն ամբողջութեամբ (կամ, հնարաւոր է, մասամբ) չէ, որ տարերային էին, քանի որ ջարդարարներն ունէին հայերի  ցուցակներն ու հասցէները»:

Conflict in the Soviet Union:
Black January for Azerbaidzhan,

Human Rights Watch, May 1991. 

 

Կարի ԳԱՍՊԱՐՈՎ, ճատրակի աշխարհի ախոյեան.- «Հայկական ջարդերը Պաքւում ոչ ոքի կողմից չկանխուեցին, չնայած` Պաքւում կային  ներքին զօրքերի 11 հազար զինուորներ: Այնտեղ էր ԽՍՀՄ ներքին գործերի  նախարարի առաջին տեղակալ Լիսաուսքասը, իսկ յետոյ ԽՄԿԿ Կենտկոմից  իրավիճակը վերահսկելու համար ժամանեց եւ Փրիմաքովը: Բայց ոչ ոք չէր միջամտում այնքան ժամանակ, մինչեւ չիրականացուեց զտումը: Ընդ որում, այդ ջարդերն ինչ-որ մի տեղում չէին, այլ` հսկայ մայրաքաղաքում, որտեղ բազմաբնակարան շէնքեր էին: Նման մեծ քաղաքում, ինչպիսին Պաքուն էր, ամբոխը չէր կարող թիրախային գործողութիւններ իրականացնել: Երբ ջարդարարները նպատակաուղղուած գնում են շրջանից շրջան եւ բնակարանից բնակարան, նշանակում է, որ նրանց տուել են ցուցակներ, եւ կար այդ ամէնը համակարգող: Ներխուժում էին  հայերի բնակարանները, կողոպտում, սպանում, բռնաբարում: Ոմանց շպրտում պատուհաններից…. Զոհերի ճշգրիտ թիւը ես չգիտեմ, սակայն ունեցած  տեղեկութեան համաձայն, մօտ 120 մարդ է մահացել»:

«Պուլվար Կորտոնա» թերթ,
2 դեկտեմբեր 2008թ.

 

Ալեքսէյ ՎԱՍԻԼԵՒ, խորհրդային բանակի սպայ.- «Դեռեւս մտցուած չեն պարէտային ժամն ու զօրքերը, իսկ հայերը հոծ բազմութեամբ  խուժում են հսկիչ-անցագրային կէտ` պաշտպանութիւն խնդրելով, բաց ենք թողնում  անձնագրերով, որտեղ, ինչպէս յայտնի է, նշուած է ազգութիւնը:  Ի՞նչ անել նրանց հետ: Որտե՞ղ բնակեցնել: Ինչո՞վ կերակրել: Խմբի հրամանատար, ազգութեամբ ազրպէյճանցի Ռոմքան, «Օսոպնեաքի» առաջադրանքով դուրս է գալիս քաղաք` քաղաքացիական հագուստով: Վերադառնալով` անմիջապէս օղի է խնդրում: Կորցրել էր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը: Տեսել էր` ինչպէս բազմայարկ շէնքի պատշգամբից կահոյքից վառած խարոյկի մէջ էին նետել մերկ կնոջ: Կահոյքը, հասկանալի է, նրա բնակարանից էր: Իսկ յետոյ… Յետոյ ժողովրդական ճակատի մարտիկը պատշգամբից թափահարում էր այդ կնոջ ականջները: Եթէ ինչ-որ մէկը չի հասկացել, կրկնում եմ, դա ազրպէյճանցու, աֆղանական պատերազմի մասնակից սպայի վկայութիւնն է, նա շոքի մէջ էր»:

«Պաքինսքիէ Զարիսովքի»
1990թ.:

Քաղաքական Անդրադարձ. Աֆրինէն Անդին Անգարայի Թմբուկներուն Ձայները Չեն Լսուիր

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Արդեօք Անգարա կը նախաձեռնէ՞ ռազմական գործողութեան մը սուրիական Աֆրին շրջանին մէջ, ինչո՞ւ Անգարա դարձեալ բարձրացուց Աֆրինի հարցը եւ ինչո՞ւ Աֆրինը եւ ոչ թէ` Արաբ Բունարը, Գամիշլին կամ այլ քրտական շրջան մը:

Աֆրինը պաշարուած` թրքական բանակին եւ ընդդիմադիր զինեալներուն կողմէ

Կիրակի, 14 յունուարին նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ բանակը պիտի ներխուժէ սահմանային Աֆրին շրջանը`զայն «մաքրելու» համար քիւրտ «ահաբեկիչներէն»: Անշուշտ ասիկա առաջին յայտարարութիւնը չէր, նոյնանման յայտարարութիւն կատարուած էր յուլիսին: Էրտողանի համար քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ (Ե.Փ.Կ.) խմբաւորումը Սուրիոյ մէջ կը նկատուի իբրեւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ճիւղաւորում մը, սակայն այսպէս է իրականութեան մէջ, քրտական ջոկատները ամէն ջանք թափեցին տարածելու ՔԱԿ-ի եւ Օճալանի գաղափարները իրենց շրջաններուն մէջ` երբեմն բախում ունենալով արաբներուն եւ ասորիներուն հետ: Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բանբեր Ռոժհաթ Ռոժ «Տը Կարտիըն» օրաթերթին (14/1/2018) հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ արդէն իսկ բախումներ տեղի կ՛ունենան սահմանային շրջաններուն մէջ թրքական բանակին եւ քիւրտ զինեալներու միջեւ, իսկ կիրակի թրքական կողմը ռմբակոծեց սահմանային գիւղերը:

Իտլիպի դիմաց` Աֆրինը

Հակառակ անոր որ Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ Ռուսիա, Իրան եւ Թուրքիա համաձայնեցան կարգ մը շրջաններ, ներառեալ` Իտլիպը, լարուածութեան մեղմացման գօտիներ յայտարարել, սակայն անցեալ շաբաթ սուրիական բանակը իր հակակշիռին տակ առաւ Իտլիպի արեւելեան շրջանները, իսկ ընդդիմութիւնը շուտով քայքայուեցաւ: Ընդդիմադիր զինեալները` գլխաւորութեամբ «Հէյաաթ թահրիր Շամ» խմբաւորումին (ժամանակին Ժուպհաթ Նուսրա կը կոչուէր), ինչպէս նաեւ Թուրքիստանի իսլամական կուսակցութիւնը,որուն անդամները կը բաղկանան ույղուր եւ Կեդրոնական Ասիայէն ծայրայեղ իսլամներէ, փորձեցին հակադարձել, սակայն երկու օր ետք սուրիական բանակը կրցաւ իր ներկայութիւնը վերահաստատել: Ռուսական աղբիւրներ կը նշեն, որ անցեալ շաբաթ Լաթաքիոյ զինուորական օդակայանը ռմբակոծուած է Իտլիպի շրջաններէն, հակառակ անոր որ ընդդիմութիւնը հերքեց նման լուր: Թուրքիա կոչ ուղղեց Իրանի եւ Ռուսիոյ` յարգելու Ասթանայի համաձայնագիրը եւ ճնշում բանեցնելու Դամասկոսի վրայ, սակայն` ապարդիւն, որոշումը տրուած էր եւ Իտլիպի ազատագրման առաջին փուլը սկսած էր: Անգարա մտահոգուած է, որ գաղթականներու նոր հոսք մը սկսի դէպի Թուրքիա, եւ այս հոսքը կասեցնելու համար պէտք էր ճնշում բանեցնել եւ այս ճնշումը կրնար ըլլալ Աֆրինի հարցը, որովհետեւ Անգարա այսօր ոչ մէկ շրջանային կամ միջազգային աջակցութիւն ունի` հարուածելու քրտական շրջանները Արաբ Բունարի կամ Գամիշլիի մէջ:

Սակայն ինչո՞ւ հիմա

Ֆեհիմ Թաշթեքին «Ալ Մոնիթոր»-ին մէջ (10/1/2018) կը գրէ, որ ըստ «Հէյաաթ թահրիր Շամ»-ի աղբիւրներուն, այս խմբաւորումը կ՛ընդունի թրքական բանակի մուտքը Իտլիպ` երեք պայմաններով: Նախ` թրքական կողմը կ՛ընդունի Իտլիպի մէջ «Հէյաաթ թահրիր Շամ»-ի իշխանութիւնը, ապա` խմբաւորումը պիտի չհարուածուի թրքական բանակին կողմէ, իսկ  վերջապէս` թրքական յարձակումը կը կատարուի դէպի Աֆրին: Արդեօք Թուրքիա կ՛առնէ՞ այսպիսի վտանգաւոր քայլ մը:

«Տը Ռիճըն»-ին (16/1/2017) հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու զինուորական բանբեր մը ըսաւ. «Ամերիկա ոչ մէկ ռազմական կարեւորութիւն կը տեսնէ Աֆրինի մէջ: Միացեալ Նահանգներուն համար կարեւոր էր ազատագրել Ռաքքան ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքէն, այդ ազատագրումը տեղի ունեցաւ, եւ հիմա Ուաշինկթըն ամէն ջանք կը թափէ Տէր Զօրի մէջ ահաբեկչական բջիջներուն վերջ տալու համար: Աֆրինը ռուսական եւ թրքական խնդիր է, իրենք կը լուծեն»: Այս մօտեցումը դարձեալ կ՛ապացուցէ, որ ամերկացիք օգտագործեցին քիւրտերը, եւ երբ վերջիններս պէտք ունեցան ամերիկեան օժանդակութեան, Միացեալ Նահանգները լքեցին զանոնք: Իսկ եթէ քրտական ջոկատները լքեն Ռաքքան եւ ուղղուին դէպի Աֆրին` պաշտպանելու համար իրենց դիրքերը, ապա Միացեալ Նահանգներ դժուար վիճակի պիտի մատնուին:

Սուրիական բանակին յարձակումը արեւելեան Իտլիպի վրայ

Անցեալ տարուան յուլիսին Թուրքիա չկրցաւ յարձակիլ Աֆրինի վրայ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ պէտք ունէին քրտական ջոկատներուն` ազատագրելու համար Ռաքքան: Ռաքքայի ազատագրումով այլեւս որեւէ խոչընդոտ չկար Թուրքիոյ առջեւ: Վերջերս Միացեալ Նահանգներ յայտարարեցին, որ իրենք կը նպատակադրեն կազմել երեսուն հազարնոց սահմանային պահակագունդ մը, որուն մէջ քրտական ջոկատները իրենց մասնակցութիւնը պիտի ունենան: Սահմանային այս պահակագունդին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հսկել թուրք-սուրիական սահմանին: Ասիկա անընդունելի է թրքական կողմին համար: Ներկայիս թրքական բանակը եւ անոր դաշնակից սուրիական իսլամական զինեալ խմբաւորումները պաշարած են Աֆրինը երկու կողմերէ: Սակայն հակառակ անոր որ Ռուսիա դժգոհ է Միացեալ Նահանգներու քայլերէն քրտական շրջաններուն մէջ, ան միեւնոյն ժամանակ չի փափաքիր տեսնել թրքական ուժերը Սուրիոյ մէջ: Ներկայիս Իտլիպի մէջ ամէնէն զօրաւոր եւ կազմակերպուած զինեալ խմբաւորումներէն կը սեպուի «Հէյաաթ թահրիր Շամ»-ը,  որ Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ կողմէ կը նկատուի ահաբեկչական կազմակերպութիւն, սակայն Թուրքիա կը մերժէ այս վերագրումը: Ռուսիոյ նպատակն է, ինչպէս որ Հալէպի մէջ զետեղեց չեչեն եւ ինկուշ մօտ 250 խաղաղապահ ուժեր, նաեւ Իտլիպի մէջ զետեղել խըրխըզ, ուզպեք եւ ղազախ խաղաղապահ ուժեր, որպէսզի քաղաքին մէջ օրէնքի գերիշխանութիւն եւ կայունութիւն վերահաստատուի: Սակայն եթէ Թուրքիա ներխուժէ Աֆրին, եւ քրտական ուժերը քաշուին Ռաքքայէն, ապա ասիկա Ռուսիոյ առիթ պիտի ընձեռէ, որ քաջալերէ սուրիական բանակը` վերատիրանալու Ռաքքային եւ այսպիսով ծանր հարուած հասցուցած կ՛ըլլայ ամերիկեան կողմին:

Երկու ազդակներ կրնան քաջալերել Թուրքիան` ներխուժելու Աֆրին.

– Միացեալ Նահանգներ, որոնք Ինճիրլիքի մէջ ռազմական խարիսխ ունին, տակաւին պէտք ունին Թուրքիոյ, անոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հեռացնելու համար Թուրքիան ռուսական շուքէն, հետեւաբար Ամերիկա քրտական հարցով որոշ զիջումներու պիտի երթայ:

– Ռուսիա տակաւին պէտք ունի Թուրքիոյ. նախագահ Փութին Համպուրկի մէջ խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ բաներ կան, որոնք առանց Թուրքիոյ օժանդակութեան կարելի չէ իրագործել»:

«Պի. Պի. Սի.» (17/1/2018) կը տեղեկացնէ, որ մօտ 300 ռուս զինուորներ կը գտնուին Աֆրինի մէջ, եւ Թուրքիա շանթաժի կը դիմէ` ճնշում բանեցնելու Ռուսիոյ վրայ Իտլիպի հարցով, սակայն բոլորս ալ լաւ գիտենք, թէ այնքան ատեն որ ռուսական զօրքը Աֆրինի մէջ կը գտնուի, ապա Թուրքիա պիտի չհամարձակի նման խելագարութիւն գործել, այլապէս ան ծանր կացութեան պիտի մատնուի:

Եզրակացութիւն

Այսուհանդերձ, այնքան ատեն որ Ամերիկա եւ Ռուսիա պէտք ունին Թուրքիոյ, ան իր ճնշումը պիտի բանեցնէ Աֆրինի վրայ: Սակայն Թուրքիա պիտի չկարենայ իր բանակը ուղարկել Աֆրին, այնքան ատեն որ ռուսական բանակը հոն ներկայ է: Անգարա կրնայ իր թմբուկները զարնել, սակայն անոնց ձայնը հասանելի չէ եւ հազիւ կը լսուի սահմանային գիւղերուն մէջ:

Yeghia.tash@gmail.com

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Յունուար Բ. –Պէտք Է Գրուի Մաքառումի Այս Պատմութիւնը

$
0
0

Ինչպէս քաղաքական արտաքին զարգացումները, նոյնպէս ալ Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զինուորական թէ պետական իրագործումները սուրիական պատերազմի վարագոյրին փակման ազդանշանը կու տան:

Հայ համայնքը վեց տարի շարունակ ապրեցաւ այնպիսի պահեր, ունեցաւ այնպիսի պատասխանատու մօտեցումներ, որոնք ոչ միայն իր ապահովութիւնը պիտի երաշխաւորէին, այլ իր դիմագիծը պիտի ճշդէին, իր մօտեցումները պիտի ամրագրէին պատմութեան էջերուն վրայ ու Սուրիոյ մէջ իր շարունակուող գոյերթը պիտի իմաստաւորէին:

Պատերազմին պատճառով արձանագրուած կորուստներէն, նահատակներէն, նիւթական վնասներէն անդին` հայ համայնքը ունեցաւ մաքառումի պատմութիւն մը, պատմութիւն մը` որոտումի, բայց նաեւ` դիմադրողականութեան, որմէ դուրս եկաւ հպարտութեամբ` աւելի մեծ վստահութիւն ձեռք բերելով իր դերին ու իր խաղաղարար ու շինարար ներկայութեան հանդէպ:

Այս վստահութեան ձեռքբերումը դիւրին չեղաւ, բնականաբար: Լուռ պայքարի, տառապանքի, գաղթի, զրկանքի յորձանուտին մէջ կանգուն ու զուսպ մնալուն շնորհիւ եղաւ, անկասկած:

Պատերազմին մէջ ապրելով, ուս-ուսի տալով, մէկը միւսէն ուժ առնելով, գաղութի մը զաւակները կենաց մահու անխօս կռիւ մղեցին` երբեմն յուսահատելով, երբեմն յոգնելով, բայց միշտ երիտասարդ մեր հերոսներուն, կամաւոր մեր ծառայողներուն անկոտրում կամքով ներշնչուելով ու այդ ներշնչումը համբերութեան վերածած` խաղաղութեան արեւին սպասելով:

Ո՞վ պահ մը չլքեց իր տունը, ո՞վ չկորսնցուց հարազատ մը, ո՞վ իր հոգւոյն մէջ չզգաց կարօտին ցաւը, անորոշ կեանքին մրմուռը, անարեւ ապագային խաւարը: Անկախ այս բոլորէն, սակայն, ո՞վ չփորձեց վեր բարձրանալ իր ցաւերէն, կառչիլ  յոյսին ու հաւատալ մարդ արարածին անպարտելի կամքին:

Ու այս բոլոր ելեւէջները պատմութիւն մը հիւսեցին, պատմութիւն մը Ցեղասպանութենէն երկրորդ անգամ վերապրած ու յառնած գաղութի մը, որ իր համեստ պայմաններով, սակայն աւելի ուժեղացած, ամէն սպառնալիք ու վտանգ մէկդի շպրտելով աւելի ամրացած թօթափեց պատերազմին հետքը եւ լծուեցաւ ինքզինք վերակերտելու պատասխանատու աշխատանքին:

Սուրիահայութիւնը նորոգուած դիմագիծով կը ներկայանայ այսօր համայն հայութեան, աւելի վճռական, աւելի նպատակասլաց, որովհետեւ մահը տեսաւ, բայց յաղթեց անոր:

Մաքառումի այս պատմութիւնը պէտք է գրուի իր բոլոր նուրբ անցքերով, իր մութ, թէ լուսաւոր բոլոր էջերով:

Պէտք է գրուի` անմահացնելու մեր նահատակներուն յիշատակը: Պէտք է գրուի` լոյսին բերելու սուրիահայ համայնքին փորձառութիւնը: Պէտք է գրուի, վերջապէս, տողերուն ընդմէջէն բացայայտելու սուրիահայութեան դիմադրողականութեան գաղտնիքը:

Նամականի

$
0
0

Անհատական տեսակէտներու տեղ տալու մամուլի սկզբունքէն մեկնած կը հրատարակենք այս նամականին` միաժամանակ յստակացնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով վեհափառ հայրապետին հրապարակած կոնդակը միեւնոյն օրը կարդացուած էր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, ուր ժողովուրդի ներկայութեան առընթեր, ներկայ եղած էին կուսակցական եւ միութենական պատասխանատուներ:

«Ա.»

Յարգելի՛ խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի,

Հայաստանի մէջ հանրապետութեան նախագահին հրապարակած հաղորդագրութեամբ, իսկ սփիւռքի մէջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ համահայկական երեք կուսակցութիւններուն հրատարակած միատեղ հաղորդագրութեամբ, 2018 տարին կը հռչակուէր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումով նուիրականացած, ազատ, անկախ Հայաստանի ստեղծման 100-ամեակի տարի:

Այս առիթով 100-ամեակը պատշաճ ու համազգային կերպով ոգեկոչելու համար թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ կը նախատեսուի հրապարակային ձեռնարկներու, գիտաժողովներու, համագումարներու, մշակութային ու այլ ձեռնարկներու կազմակերպումը:

Այս ձեռնարկներու շարքին առաջինը, ինչպէս մամուլի ճամբով հանրութեան տեղեկացուած էր, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայրապետական սրբատառ կոնդակի ընթերցումն էր, որ տեղի պիտի ունենար կիրակի, 14 յունուար 2018-ին, Անթիլիասի մայրավանքի տաճարին մէջ, Ս. պատարագի ընթացքին:

Պատարագի թէ կոնդակի ընթերցման ժամանակ ցաւով նկատեցինք մեր ազգային ժողովներու եւ վարչութիւններու հին թէ նոր անդամներուն, մեր ազգային թէ այլ կառոյցներու պատասխանատուներու, քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ գաղափարապաշտ ու յանձնառու մտաւորականութեան ու Հայ դատի հետապնդման զինուորագրեալ մեր երիտասարդութեան ամբողջական բացակայութիւնը:

Հայրապետական կոնդակը կը շեշտէր Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի համահայկական կարեւորութիւնը եւ կոչ կ՛ընէր.

– Մեր թերթերուն` յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առնելու մեր ժամանակակից պատմութեան այս կարեւոր թուականը:

– Մեր կազմակերպութիւնները կը հրաւիրէր միասնական ոգիով ու ժողովրդային լայն մասնակցութեանբ արժեւորել պատմական այս դէպքը:

– Մեր կրթական կառոյցները կը պարտաւորեցնէ հայակերտումի մեր ճիգին մէջ յատուկ կերպով շեշտել անկախութեան իմաստը:

– Մեր մտաւորականութիւնը կը հրաւիրէր աշխատասիրութիւններու ճամբով վերլուծելու եւ վերարժեւորելու Ա. հանրապետութեան դերը անկախութեան ոգիի ու տեսլականի պահպանման մէջ:

Ինչպէ՞ս բացատրել լիբանանահայ գաղութի այս ընդհանուր անտարբերութիւնը, չըսելու համար` անտեսումը, մեր գաղափարական ու քաղաքական տեսլականին հիմնաքարը հանդիսացող Ա. հանրապետութեան 100-ամեակի նշումներուն մեկնակէտը հանդիսացող այս արարողութեան: Գաղութ, որ կը դաւանի սփիւռքահայ կեանքի հնոցն ու առաջատարը ըլլալ:

Գաղութի մեր ազգայիններէն ու յատկապէս պատասխանատուներէն կ՛ակնկալուի հարկ եղած ձեւով կարեւորել 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն հետագայ նախաձեռնութիւնները:

Պատարագին ներկայ ազգային մը

Որպէսզի 1.500.000+1-ը Չկրկնուի (19 Յունուար)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Լուռ մնալը, սակայն, դեռ ապահովութեան երաշխիք չէ: Անձայն մնալ չի նշանակեր հանգիստ ըլլալ, չես կրնար հանգիստ ըլլալ ազգայնամոլներու մէջ: Ատոր համար ալ, եթէ ազգայնականները վրադ յարձակին, պէտք է պատասխանես: Եթէ անձայն մնաս, անոնք աւելի եւս կը յարձակին վրադ:

                                                                ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ
                                                     Թուրքիոյ խորհդարանի անդամ
(«Ազդակ», 20-9-2017)

—————————–

Պոլսահայ ազնուասիրտ ու քաջ մտաւորական Հրանդ Տինքի նահատակութեան 11-րդ տարելիցն է. յարգանքի օրը:

Տասնամեակէ մը ի վեր, ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի հայութեան տարբեր շերտեր կ՛ոգեկոչեն անոր յիշատակը, կը վերյիշեն եւ լոյսին կը բերեն Հրանդ Տինքի վճիտ մտածումները, համարձակ մօտեցումներն ու հայրենասէրի կեցուածքները:

Ըլլալով իւրայատուկ գրիչի տէր, խմբագիր ու հրապարակախօս, մեր հայորդին` ինչպէս իր ողջուց նաեւ իր նահատակութենէն ետք, կը շարունակէ լուսարձակներ ու բեմահարթակներ խլել շնորհիւ իր խոհական, ուժեղ եւ իրատեսի քաղաքական թէ պատմական երբեմնի հայեացքներուն եւ հրապարակագրական աշխատանքին:

Փաստօրէն, թէ՛ հայ մամուլի, թէ՛ օտար շրջանակի, եւ թէ թուրք միջավայրերու մէջ հրանդտինքեան արտայայտութիւններ յաճախակի ներկայութիւն են` միշտ գնահատանքի եւ ընկալումի արժանի:

Շատերու համար ան դարձած է ազատ մտքի, յախուռն կեցուածքի եւ պայծառ աշխատելաոճի խորհրդանիշ, բայց մանաւանդ` ժողովրդավար, ազգային արժէքներու եւ քաղաքացիական առողջ ըմբռնումներու պաշտպան անհատականութիւն:

Թուրքիա ծնած ու հասակ առած Հրանդ Տինք յաճախակի ելոյթներու ընթացքին, շեշտելով հանդերձ իր քաղաքացիական պատկանելիութիւնը, անդրադարձած է իր ինքնութեան եւ արմատներուն, որոնց նկատմամբ ցուցաբերած է հայաբորբ զգացողութիւն եւ անյեղլի կառչածութիւն:

Եւ զարմանալիօրէն, ան առանց դժուարութեան յաջողած էր վերոնշեալ տարրերը (քաղաքացի, ինքնութիւն, արմատ) միախառնել, շաղախել եւ ամրապնդել իր ներաշխարհին մէջ, ատոնցմով սնանիլ, ապրիլ եւ տէր կանգնիլ իր հաւատամքին:

Հաւատամք, որ ունէր ազգային, ընկերային ու պատմական հնչեղութիւն, խոր եւ գիտակցական ընկալում: Ան քաջ հաւատացողն էր հայ-թուրք ժողովուրդներու բարեկամութեան, դրացիական կապերու առաւել զարգացման, փոխադարձ ու անկաշկանդ վերաբերումներու անհրաժեշտութեան:

Աւելի՛ն. իբրեւ հրապարակախօս ու լայնամիտ մտաւորական, ան հետամուտ էր մասնակից դառնալու հայ-թուրք քաղաքական հիմնախնդիրներու լուծման, տեսակէտներու առաջադրման, պատմական իրողութիւններու յստակացման եւ առաւել ճանաչողութեան:

Յայտնապէս, այս հրամայականէն թելադրուած, Հրանդ` գիտակից իր կոչումին եւ համոզումներուն իրաւացիութիւնը, լծուած էր տենդագին աշխատանքի, ստեղծած համապատասխան միջավայր ու մթնոլորտ` յանուն երկու ժողովուրդներու հաշտեցման եւ յառաջդիմութեան:

Ըսինք, որ շնորհիւ իր ուժեղ անհատականութեան ու խրոխտ կեցուածքներուն ան դարձաւ կեդրոնական դէմք մը, եզակի գործիչ ու համայնական բարեկարգիչ, որ իր կարգին ունեցաւ համախոհներ, որոնք թունդ պաշտպան հանդիսացան անոր մտածումներուն եւ համոզումներուն:

Եւ ահա, կարճ ժամանակի տեւողութեամբ Հրանդ Տինքի դէմ կը սկսէին ընթացք առնել սպառնալիքներու ամբողջ յորձանուտ մը, զայն զգաստութեան հրաւիրելու եւ ընդմիշտ լռեցնելու, որովհետեւ անոր տակաւ ահագնացող ձայնն ու բողոքը արդէն լսելի էր թուրք ազգայնամոլ շրջանակներու թէ պետական համակարգին:

Ինչպէս միշտ, այս փուլին եւս, արագ շարժեցաւ թուրք ցեղապաշտ ու ոճրամիտ մտայնութիւնը, գործի լծուեցաւ խորունկ պետութիւնը, եւ ընթացք առաւ հայատեաց քարոզչական մեքենան, որ «ծնունդ» տուաւ «դեռատի» մարդասպան Օկիւն Սամսաթի եւ անոր պատուիրատու` գորշ գայլ Եասին Հայալի:

Փաստօրէն, օր ցերեկով, ամբողջ մարդկութեան խենեշ ու լիրբ հայեացքներուն ներքեւ հայ մտաւորական եւ «Ակօս»-ի խմբագիր Հրանդ Տինք, իր խմբագրատան դիմաց կ՛իյնար դարանակալ ու զազիր փամփուշտով, կ՛իյնար հպարտօրէն, քաջաբար, մահը դիմագրաւելով ճակատէն:

Ու այդ վայրկեանին, Հրանդ կ՛արձակէր իր մարդասէրի ու հայասէրի ճիչն ու ահազանգը, եւ իր «ծակ» կօշիկներով կը խարանէր ամբողջ մարդկութեան ճակատը:

19 յունուար 2007:

Հոգեպէս ալեկոծ եւ ցնցուած հայութիւնը իր կարգին արձագանգեց ոճիրին եւ թուանշային պատկերով մը (1.500.000+1) արտայայտեց իր ընդվզումը` հաստատելով, որ թրքութիւնն ու պետական ահաբեկչութիւնը սպաննեցին Հրանդը, վերջ տալու անոր հայրենասէրի երազին ու մարդասէրի համոզումներուն:

Ճիշդ է, որ մեզմէ առ յաւէտ հեռացաւ Հրանդ, սակայն անոր ուժեղ պատգամին եւ լուսաճաճանչ մտածումներուն հրայրքը տակաւ արմատացաւ եւ դարձաւ ուղենիշ գալիք սերունդներու, եղաւ փարոս ու հաւատամքի շտեմարան բոլոր անոնց, որոնք կը տուայտին թրքութեան մականին տակ, կը պայքարին յանուն ազատութեան եւ հայրենիքի ազատագրութեան:

Իրօք, հետագայ տարիները ցոյց տուին, որ Հրանդի նպատակասլաց խօսքերը ակօսուած էին ճշմարիտ պատմութեան ընդերքին: Խօսքեր, որոնք արձագանգեցին ամէն քայլափոխի եւ ամէնուրեք: Խօսքեր, որոնք լսուեցան հայ, քիւրտ, արաբ, ասորի, ալաուի, զազա թէ այլ ժողովուրդներու շրթներէ`  իբրեւ պոռթկումի ու ցասումի արտայայտութիւն:

Ճիշդ է, որ տարիներու թաւալքին հետ թուրք իրաւական համակարգն ու խորունկ պետութիւնը շարունակեցին խոչընդոտել, խափանել եւ արգելակել դատաիրաւական բոլոր ընթացքները, որոնք տակաւ կը մօտենային իրականութեան բացայայտման, այդուամենայնիւ, Հրանդ Տինքի պաշտպան փաստաբանները կառչած մնացին իրենց կոչումին, մղեցին անհաւասար մարտեր, շարունակեցին ճակատիլ եւ սակայն չկրցան հասնիլ արդարութեան խորանին:

Այո՛, չկրցան հասնիլ, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ կը գործեն սուլթանական, իթթիհատական, քեմալական թէ նորովի հանրապետական այնպիսի ուժեր, որոնց համար հայութեան բնաջնջումը նպատակ է, պահանջ ըլլալէ աւելի:

Միւս կողմէ, վերջին տարիներուն, ամբողջ աշխարհին ծանօթ դարձաւ իրականութիւն մը անսեթեւեթ, որ թուրք ահաբեկչական պետութիւնը ի սկզբանէ լծուած էր իր էութենէն պարպելու դատական այս գործընթացը, կողմնորոշել եւ աղաւաղել թղթածրարը:

Փաստօրէն, մենք ամէն օր ականատես ենք, ու ցարդ, պետական մակարդակի թատրերգութիւններու, որոնք կը միտին ընդմիշտ թաղել ո՛չ միայն հրանդտինքեան դատաիրաւական թղթածրարը, այլեւ` Հրանդի յիշատակն անգամ:

Այսուհանդերձ, պէտք չէ մտահան ընել մետալի միւս երեսը:

Այսօր, նոյն հողին վրայ եւ նոյն միջավայրին մէջ, ուրիշ քաջասիրտ եւ հզօր կամքի տէր հայորդի մը` յանձին Կարօ Փայլանի, կը շարունակուի Հրանդի խօսքերու արձագանգն ու մտածումներուն հնչեղութիւնը:

Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան շնորհիւ իր արիութեան, խիզախ ու յանդուգն կեցուածքին կ՛ընդդիմանայ ազգայնամոլներու նկրտումներուն եւ` ապաւինած իր հաւատամքին, կը փորձէ արդարութեան ձայնն ու ազատութեան կանչը լսելի դարձնել բոլորին: Հայազգի խորհրդարանականը անվախօրէն կը պայքարի յանուն ժողովրդավար կարգերու հաստատման, բայց մանաւանդ` ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ձեռքբերման:

Ան հարազատ ժառանգորդն է Հրանդ Տինքին:

Կարոյի յախուռն կեցուածքներուն դէմ, բնականաբար պիտի չուշանային թաքուն թէ բացայայտ սպառնալիքներ: Ինչպէս Հրանդի օրերուն, նոյն ոճրամիտ եւ մարդասպան թուրքը, այս անգամ Կարոյի դէմ կը ճօճէ իր պիղծ ու տմարդի մահուան սպառնալիքը: Հետեւաբար, հայութիւնը պարտաւոր է իր ձայնը միշտ բարձր պահել եւ զգաստութեան հրաւիրել ամբողջ մարդկութիւնը: Հայրենի պետականութիւնը իր բոլոր կարելիութիւններն ու լծակները ի սպաս պէտք է դնէ պաշտպանական ամպհովանի մը ապահովելու Կարօ Փայլանի, որպէսզի գէթ այս անգամ ձախողի թրքութեան մտադրութիւնը, եւ մենք` հայերս, կրկին սեւով սպիտակի վրայ չգրենք վերոյիշեալ թուանշանի (1.500.000+1) նոր տարբերակը:

 

 

Գաղափարական Հարցեր. Դաշնակցութեան Կամքը Կենդանի Է Յաւիտեան

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Շատ դժուար է խօսիլ կամ գրել այնպիսի հսկայի մը մասին, որուն ժամանակաշրջանին չենք ապրած, իրեն հետ չենք եղած, սակայն տեսած ենք իր գործին էութիւնը, որ կ՛ապրի մինչեւ օրս: Մելանը պիտի ցամքի եւ կոկորդը չորնայ, երբ խօսինք Ռոստոմի նման հսկայի մը գործերուն, գրութիւններուն կամ խօսքերուն մասին: Ան քաղաքական, գաղափարաբանական եւ ընկերային տեսաբան մըն էր ո՛չ միայն

ՀՅ Դաշնակցութեան համար, այլ նաեւ ընդհանրապէս հայ ընկերութեան մակարդակով: Իր ժառանգութիւնը ազդեցութիւն ձգած է մեր ազգային, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին մէջ:

18 յունուար 1867-ին ծնած ըլլալով Նախիջեւանի Գողթն գաւառի Ցղնա գիւղին բարեկեցիկ գեղջուկի մը ընտանիքին մէջ, ան միշտ ընկերը եղաւ հասարակութեան մէջ գտնուող զրկուած տարրերուն` բանուորներուն, մշակներուն եւ բռնապետութենէ տառապող ժողովուրդներուն:

Ռոստոմի ազատամիտ մտածելակերպին հանճարը չէր ճանչնար խոչընդոտ, կեղեքում, արգելք կամ ճնշում. եւ այդ հանճարին շնորհիւ ան մեր ազգային-հասարակական կեանքին մէջ մտցուց չորս կարեւոր կէտեր, որոնք մինչեւ օրս այժմէական են: Անոնք հետեւեալներն են.

Ա.- Ազատագրական պայքարի ըմբռնում. Իր «Այբուբեն» խորագրեալ հրապարակախօսական ստեղծագործութեան մէջ Ռոստոմ կը գրէր. «Խօսեցուցէ՛ք հայ գիւղացիին, հայ արհեստաւորին, վաճառականին կամ հայ մտաւորականին. ընդհանուր եզրակացութիւնը բոլոր լսածներէն կ՛ըլլայ` ազատութիւն ցանկալով, հայ ժողովուրդը կը ձգտի այնպիսի դրութեան, ուր ազատուած ըլլայ ինչպէս մահմետականներէն հալածուողի իր անարգ դրութենէն, ինչպէս օրէնքին առջեւ եղած անհաւասարութենէն, նոյնպէս ալ հարկերու ծանրութենէն, քիւրտերու եւ պաշտօնեաներու յափշտակութիւններէն, բէկերու եւ վաշխառուներու իշխանութենէն, հողին վերաբերեալ գեղծումներէն, իր յուսահատ չքաւորութենէն, իր աստանդական մուրացկանի դրութենէն եւ այլն»: Այս տողերէն արդէն իսկ յայտնի կ՛ըլլայ, որ ազատագրութիւնը, ըստ Ռոստոմին, միայն ազգային դիմագիծ չունի, այլ նաեւ ընկերային-տնտեսական: Ռոստոմի նշած ընկերային-տնտեսական ազդակները հիմնական պատճառները (Ան «Այբուբեն»-ին մէջ դարձեալ կը նշէ. «Բայց համաձայնինք կանխապէս, որ ժողովուրդը ազատութիւն կը կամենայ ոչ թէ լոկ ազգային ինքնասիրութենէն դրդուած, այլ գլխաւորապէս իր առօրեայ կեանքը մաշող, ճնշող հանգամանքներու ազդեցութեան ներքեւ») դարձան, որ հայ անհատը իր պայքարը մղէ ընդդէմ օսմանական, ցարական կամ պարսկական պահպանողական-յետամնաց բռնակալ իշխանութիւններուն: Ըստ Ռոստոմին, ազգային-ազատագրական ու ընկերային-տնտեսական ազատագրական պայքարները մէկը միւսին լրացուցիչներն են, եւ առանց առաջինին երկրորդը չ՛իրականացուիր, իսկ առանց երկրորդին` առաջինը:

Բ.- ՀՅԴ ընդհանուր տեսութիւն. Շատերու կողմէ Ռոստոմը անուանուած էր մարքսական, իսկ ուրիշ մարդոց կողմէ` նարոդնիկական: Անշուշտ ան ո՛չ զուտ մարքսական էր եւ ո՛չ ալ զուտ նարոդնիկական: Բայց ան աւելի մարքսական էր, քան նարոդնիկական, եւ այդ մէկը յայտնի է իր հեղինակած ՀՅԴ անդրանիկ ծրագիրի «Ընդհանուր տեսութիւն» բաժինին ընդմէջէն (լոյս տեսած ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 6-րդ թիւին մէջ, հրատարակուած` 1894-ին), ուր ան կը գրէր. «Սկիզբէն, երբ տաճիկները (թուրքերը «Ա.») նոր երեւեցան մեր կողմերը, դեռ իւրաքանչիւր տաճիկ զինուոր էր, տաճիկ կառավարութիւնը համարեայ թէ առանձին մարմին չէր կազմած: Ան նոյնն էր, ինչ որ էր համայն տաճիկ ժողովուրդը: Ան ամբողջովին կը ծծէր հպատակ ժողովուրդներուն արիւնը: Բայց որովհետեւ այդ ահագին բազմութիւնը անկարող էր պահպանել իր գոյութիւնը կողոպուտով, թալանով, որովհետեւ ոչ մէկ հպատակ ժողովուրդ, որքան ալ որ ան աշխատասէր, արդիւնաբերող ըլլար, ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունէր իր աշխատանքին արդիւնքով կերակրելու զայն, տաճիկ ժողովուրդին ահագին մէկ մասը պէտք էր դիմէր խաղաղ պարապմունքներու, ստիպուած ինքն ալ պէտք էր արդիւնաբերէր` ձգելով հպատակ ազգերու աշխատանքով ապրելու արտօնութիւնը իր աւելի ուժեղ, աւելի ճարպիկ, աւելի խորամանկ մասին, որ նաեւ դարձաւ երկրի տիրապետող տարրը: Այդ դեռ բաւարար չէր: Խաղաղ պարապմունքի դիմած տաճիկ տարրը ո՛չ միայն ստիպուած էր հրաժարիլ հպատակ ազգերը կեղեքելու իրաւունքէն, այլ հետզհետէ ինքն ալ ինկաւ անոնց դրութեան մէջ եւ նոյնպէս սկսաւ կեղեքուիլ իր սեփական ազնուականութեան, իր սեփական կառավարութեան ձեռքով»: Ահա այս տողերը արեւու լոյսին պէս ընթերցողին ցոյց կու տան Ռոստոմի մարքսական ըլլալը եւ անոր` «դասակարգային պայքար»-ի հասկացողութեան հաւատարմութիւնը, այսպիսով ան հիմը դրաւ ՀՅԴ-ի սկզբնական գաղափարաբանական արժէքներուն, որոնք հիմնուած են ազատութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան սկզբունքներուն վրայ եւ զարգացած են ժամանակի, վայրի եւ դէպքերու բերումներով` համապատասխանելով հայկական ընկերութեան պահանջներուն, սկսելով ուղղափառ մարքսականութենէն (յիշեալ ծրագիրը), զարգանալով մարքսականութեան վերատեսութեան (1907-ի ծրագիր), որդեգրելով ոչ մարքսական ժողովրդավարական ընկերվարութիւնը (1978-ի ծրագիր) եւ վերջապէս ուղղուելով դէպի արդի ընկերվար-ժողովրդավարութիւն (1998-ի ծրագիր):

Գ.- Իրաւազուրկ ժողովուրդներու դաշինք. Հայ ազգի բնակած վայրերուն մէջ տիրող վարչակարգերը (օսմանական, ռուսական եւ պարսկական) նշանաւոր էին փտածութեամբ, բռնատիրութեամբ, կրօնամոլութեամբ, ազգայնամոլութեամբ եւ աւատապետական յետամնաց յատկանիշներով, առաւել եւս ցեղապաշտութեամբ` ընդդէմ այդ վարչակարգերով ղեկավարուած պետութիւններուն մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւնները:

Գիտակցելով հայերու եւ այլազգիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող նմանօրինակ շահերը` Ռոստոմը անձնապէս ստանձնեց երեք պետութիւններուն մէջ գտնուող ամէնէն յառաջդիմական ուժերուն հետ յարաբերութիւններու հաստատման դերը: Հետագային այդ յարաբերութիւնները զարգացան, եւ ՀՅԴ-ն դարձաւ գլխաւոր մասնակից ռուսական (1905), պարսկական սահմանադրական (1905) եւ օսմանեան (1908) յեղափոխութիւններուն, ինչպէս նաեւ` մակեդոնական ազգային-ազատագրական շարժման:

Յեղափոխութիւնները կը միտէին ստեղծել ժողովրդավարական, աշխարհիկ, ընկերային-տնտեսական արդար կարգերով օժտուած եւ բոլոր քաղաքացիներուն իրաւունքներն ու ազատութիւնները յարգող համակարգ մը:

Դ.- ՀՅԴ-ի միջազգային ուղղութիւն. ՀՅԴ-ի Դ. Ընդհանուր ժողովին ընթացքին որդեգրուած վերամշակուած ծրագիրին մէջ պաշտօնապէս կատարուեցաւ «ընկերվարութիւն» բառին ներառումը, որուն մէջ դեր ունեցաւ նաեւ Ռոստոմ: «Ընկերվարութիւն» բառի որդեգրումը Դաշնակցութեան առջեւ նոր հորիզոններ բացաւ: Ան մէկ ճակատի վրայ դրաւ միջազգային գետնի վրայ ընկերային անարդարութեան, անհաւասարութեան, հարստահարութեան ու անհատապաշտութեան դէմ պայքարը` կողք-կողքի աշխարհի ամէնէն յառաջդիմական ուժերուն հետ, միասին անդամակցելով Բ. միջազգայնականին, ատկէ ետք ալ` Աշխատաւորական եւ ընկերվարական միջազգայնականին, իսկ ներկայիս` Ընկերվար միջազգայնականին: ՀՅԴ-ն նաեւ անդամակցած է Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ գտնուող Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան:

Ռոստոմը մարմնով հեռացաւ մեզմէ աւելի քան 99 տարի առաջ, բայց իր գաղափարական ուղղութիւնը տակաւին կ՛ապրի եւ պիտի գոյատեւէ: Անիկա կը զարգանայ քայլ պահելով միջազգային ընկերվարական շարժման զարգացումներուն հետ (համապատասխանելով հայութեան պահանջներուն): Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանին ընկերվարութիւնը կ՛ունենայ իր ընկերային-տնտեսական ուղղութիւնը: Ան սկսաւ ուղղափառ մարքսականութեամբ եւ զարգացաւ մարքսականութեան վերատեսութեամբ, ապա ամբողջութեամբ հրաժարեցաւ մարքսականութենէն: Այսօր ծաւալող գաղափարական հոսանքը արմատական ձախը կամ ժողովրդավարական ընկերվարութիւնն է, որ կը միտի կազմակերպել ընկերային շարժումներ (կնոջական, աշխատաւորական, բնապահպանական եւ այլ), ապա անոնց ուղղութեամբ (ընկերութեան զանազան խաւերը մասնակից դարձնելով քաղաքական հոլովոյթներուն) կատարել ընկերային-տնտեսական բարեփոխումներ, ինչպէս` արհեստակցական միութիւններու կազմակերպում, հարկային արդար համակարգի կերտում, ընկերային եւ հանրային ծառայութիւններու յաւելեալ ներդրումներ եւ սեռային հաւասարութեան ընդլայնում: 1892-ին, որդեգրելով ուղղափառ մարքսականութիւնը, իսկ 1907-ին որդեգրելով վերատեսականութեան տեսութիւնը, վստահաբար եթէ այսօր Ռոստոմը ողջ ըլլար, պիտի որդեգրէր արմատական ձախի ուղին:

 

 

 


Կեդրոնականցին Կրկին Կռուի Ելեր Է…

$
0
0

Մակար ի Գաղղիա

Արմենակ, շաբաթ օր, հակառակ ցուրտին եւ սպառնացող ձիւնի ալիքին, այցելութեան եկաւ: Անպայման իր հայու եսը վիրաւորուած ըլլալու էր:

Կեդրոնականցին իր հայու պարտքին եւ պարտականութեան գիտակից է: Կ’անհանգստանայ, կ’անհանգտացնէ: Մենք գոհ ենք: Հայկական աշխարհներու մասին թերթերուն չըսածը եւ չգրածը իրմէ կը լսենք:

Էլպիս Արմենակին գիրկը խոշոր թափըրուէր մը դրած էր: Թափանցիկ ամանին մէջ եղածը գուշակեցի. Նոր տարիէն առաջ Էլպիսի հռչակաւոր անուշապուրն էր:

Մակարուհին նորոյթ չինական կանաչ թէյ պատրաստեց: Բոլորուեցանք: Կիները քանի մը խօսք ըսին շուկայի գիներու մասին: Երբ լոլիկի, տանձի, խնձորի, սմբուկի եւ դդումի գիներուն ծանօթացանք, օգտուելով լռութեան պահէն` Արմենակ պատմեց:

– Երէկ հայաշատ արուարձանի քեզի ծանօթ եկեղեցին գացի` հակառակ Էլպիսի ընդդիմութեան: Թաղում կար: Հայ երգի եւ եկեղեցիի սպասարկու մը մեռած էր: Պէտք էր որ յարգէի: Գոհ մնացի, քանի որ սգաւորներ խուռներամ եկած էին:

– Կը տեսնե՞ս,- ըսի,- մեր ժողովուրդը այդքան ալ ապերախտ չէ:

– Ճի՛շդ ես: Բանկալին մօտ կանգնած` կը լսէի շարականները եւ աւետարանի խօսքերը, զորս ես ալ լսելով` անգիր սորված եմ, այնքան ծանօթ, ընկեր բարեկամ մեռան: Ուշադրութիւնս գրաւեց յայտարարութիւն մը. եկեղեցիին օրացոյցը կը վաճառուէր: Եթէ հայերու հրատարակած օրացոյցներու թուղթերը հաւաքենք, անոնցմով Հայաստանի բոլոր դպրոցներուն դասագիրքերը կը տպենք: Թթուեցայ, բանկալին մէջՀայաստանեայց առաքելական եկեղեցիի օրացոյցի վաճառքին ծանուցումը գրուած էր միայն ֆրանսերէն: Եկեղեցին, որուն կաթողիկոսը եւ  վարդապետը հայերէն այբուբեն տուին մեզի, որ հայերէն գրենք եւ խօսինք, որպէսզի հայ մնանք, եկեղեցին, ուր գրուեցան մեր մատեանները, որոնցմէ քսան հազար փրկուածները կ’երթանք, կը դիտենք եւ կը նկարենք Երեւանի Մատենադարանին մէջ: Բայց երէկ հայ եկեղեցիի բանկալին մէջ վաճառուող եկեղեցիի օրացոյցը չէր ծախուեր հայերէնով:

– Արմենա՛կ, մեր սերունդը վերջացաւ, հիմա մարդիկ գործնական են, ո՞վ հայերէն պիտի կարդայ եւ կարդալով` գնում ընէ:

– Երբ դրան առջեւ տրտնջացի, ջոջութեան թեկնածու մը ըսաւ, որ իրենք խելք բաժնողի պէտք չունէին: Իսկ ես չէի ուզեր խելք բաժնել, այլ կ’ողբայի հայերէնի եւ անոր տան` եկեղեցիին համար:

– Սիրելի՛ս, մեր եկեղեցին եւ մենք պիտի ըլլանք բազմալեզու: Բազմալեզու ազգի զաւակները վաղ թէ ուշ պիտի դառնան ծագումով հայեր: Անոնց թիւը արդէն կ’աճի:

– Երանի՛ քեզի, Մակա՛ր, որ պուտտայի պէս կը դիտես եւ կը լսես: Դուն սրտի տագնապ պիտի չունենաս,- եզրակացուց Կեդրոնականցին:

Էլպիս եւ Մակարուհի ընկոյզով, չիր ու չամիչով զարդարուած անուշապուրը բերին:

2 դեկտեմբեր 2017

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մինչեւ Ե՞րբ

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Տակաւին քանի՞ զոհ պիտի տանք թշնամիին: Քանի՞ Վաչէ Չիլինկիրեաններ եւս: Մեր տղոց արիւնը ձրի չէ: Մեր տղաքը ծնողք ունին, ընտանիք ունին, մայր ունին իրենց վրայ լացող: Եթէ զէնք կամ այլ արդիական միջոցներ չունինք, պէտք է իսկոյն գտնենք, եթէ դրամ չունինք զանոնք գնելու, պէտք է դրամ ճարենք, եթէ դրամ ճարելու միջոցը չունինք, պէտք է անօթի մնանք եւ մեր հացի լուման իրենց ղրկենք:

Պատերազմը իր օրէնքները ունի, մեր ֆետայիները լաւ գիտէին այդ օրէնքները, եւ մեր պատմութեան էջերը ամբողջ սխրանքով ու դիւցազներգութեամբ լեցուն են: Ան, որ մեր տղոց եղունգին կը դպչի, կը ստանայ պատասխանը: Եկէք ամէն բանէ առաջ մեր սահմանները ամրապնդենք, մեր բանակը հզօրացնենք եւ մեր թշնամին դողացնենք: Մենք ըլլանք մեր տղոց ճակատագրին տէրը: Թշնամին քեզ չի յարգեր, եթէ խիզախ եւ անսասան չըլլաս: Ուրիշ պետութիւններէ դաս պէտք չունինք առնելու, բայց գէշ չ՛ըլլար, եթէ իրապաշտ ըլլանք եւ նկատի առնենք, թէ անոնք ինչպէ՛ս տէր կը դառնան իրենց զինուորներուն: Արդեօք ոեւէ ուրիշ պետութիւն պիտի ընդունի՞ նոյն արարքը իր զինուորներուն հանդէպ: Մենք ալ միջոցը պէտք է ճարենք մեր տղաքը պաշտպանելու: Պատերազմի օրէնքը մեզ կը պարտադրէ երեք նկատումներ` հայրենասիրութիւն, խիզախութիւն եւ դրամ: Հայրենասիրութեամբ եւ խիզախութեամբ մեր տղաքը դաս կու տան համայն աշխարհին, բայց եթէ դրամը ճիշդ կերպով չծախսուի մեր տղոց պաշտպանութեան համար, անոնք դիւրաւ թիրախը պիտի դառնան թշնամիին փամփուշտին: Իսկ եթէ ըսենք, որ դրամ չունինք, ուրեմն ամէն գնով այլ երկրորդական ծախսերը պէտք է սառեցնենք եւ զարգացնենք պաշտպանութեան կէտը:

Սփիւռքի մէջ հանգիստ եւ ապահով նստած յանցաւոր ենք, եթէ մեր ձեռքերը ծալլած անտարբեր մնանք, յանցաւոր ենք, եթէ զբաղած ենք սոսկ ցաւակցութիւններ ստանալով կամ յայտնելով. պէտք է գործի անցնինք, պէտք է իսկոյն դրամ ղրկենք, որ մեր սահմանապահ եղբայրը վտանգէ փրկենք:

Ա՛յս է հրամայականը այսօր, ա՛յս է պատգամը 800 տարուան արեամբ գրուած մեր պատմութեան:

 

 

Ձեզմէ Ի՞նչ Տանիմ Պէյրութ

$
0
0

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ Պոլիս, իր թաղերուն, քիչ մը իր անցեալին մէջ եւ քիչ մըն ալ պոլսահայերուն քով թափառեցայ:

«Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ի հրաւէրով Պոլիս կը գտնուէի` ներկայացնելու Հայկազեան համալսարանի հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը, խօսելու անոր գործունէութեան մասին: Առիթ էր նաեւ, որ բանախօսութեամբ մը ընեմ Լիբանանի հայօճախին վերջին հարիւրամեակի համառօտակի պատումը:

Հիմնարկը հրաւիրած էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանը` ներկայացնելու գրադարանին հարստութիւնը, լուսարձակի տակ առնելու գրադարանի պաշտօնէութեան կատարած անմիջական ու հեռահար ազդեցութիւն եւ նպաստ ունեցող թուայնացման, մէկտեղման, ցանցաւորման աշխատանքները: (Փակագիծի մէջ ըսեմ, որ ինծի կը թուի, թէ վերջին 25 տարիներու հայկական իրականութեան մէջ ամէնէն ռազմավարական, յաջողապէս շարունակուող, ապագայի հաւատալից տեսիլքով, անվհատ, ստեղծագործական եւ վարակիչ հետեւողականութեամբ կատարուող իրագործումներէն մին է հայ գիրքի ու մամուլի թուայնացման այն իմաստնագոյն աշխատանքը, զոր շուրջ տասնամեակէ մը ի վեր անխոնջ թափով յառաջ կը տանի Ազգային գրադարանի պաշտօնէութիւնը):

Չեմ կրնար լռութեամբ անցնիլ այն ուշագրաւ իրողութենէն, որ «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ին մէջ տեղի ունեցած վերոյիշեալ երկու բանախօսութիւններուն ալ սրահակը լեցուն էր մանաւանդ երիտասարդներով: Ներկաներուն միջին տարիքը 40-ի շուրջ կը դառնար:

Ինծի ծերունազարդ Պոլիսը երիտասարդ թուեցաւ:

Թուրքիոյ Հանրապետութիւն առաջին այցելութիւնս էր ասիկա. կը փափաքէի շատ բան չտեսնել, որպէսզի կարենամ ողջմտօրէն, դանդաղ մարսել տեսածներս, լսածներս եւ անոնց յառաջացուցած տպաւորութիւններն ու մտածումները:

Գացինք Պալեաններուն կառուցած Տոլմապահչէի ապարանքն ու համալիրը, պատրիարքարան, փակ շուկան, գորգերու թանգարան մը, շրջեցանք կարգ մը տեղեր, Շիշլիի գերեզմանատունը, հրաւիրուեցանք Արտաշէս Մարկոսեան եւ Սիլվա Գույումճեան ամոլին բնակարանը, ուրիշ տեղեր, «Արաս» հրատարակչատուն, «Մարմարա» եւ «Ժամանակ» թերթերու խմբագրատուները եւ շփուեցանք բաւական թիւով պոլսահայերու հետ:

Ինծի համար, սակայն, գերագոյն տպաւորութիւն գործեց Կեդրոնական դպրոցը: Պարտականութիւն ստանձնեցի բան փոխանցել իրենցմէ լիբանանահայ աշակերտութեան, ու այս գրութեանս գլխաւոր պատճառը այդ փոխանցումը հրապարակաւ կատարելն է:

Կեդրոնականի տնօրէնուհին, նախատեղեակ մեր գալուն, սրահ հրաւիրեր էր դպրոցի վերին կարգերու աշակերտները, որոնց միացեր էին զուգադիպաբար հոն գտնուող Գարակէօզեան դպրոցի աշակերտները:

Զարգարեանն ու ես դէմ յանդիման եկանք հայու աչքերու, ժպտուն դէմքերու, խայտացող պատանի հոգիներու, իրենց անցեալը շնչող եւ այսօրը ապրող պարման-պարմանուհիներու:

Քիչ մը պատմեցի մեզմէ` Պէյրութի հայութենէն, Հայկազեան համալսարանէն: Հարցումներ ուղղեցին, յետոյ հարցուցի. «Զեզմէ ի՞նչ տանիմ Լիբանանի ձեր տարեկից հայ քոյր-եղբայրներուն»:

Հասկցան հարցումս: Լռեցին: Չնաշխարհիկ մէկը չէի իրենց համար. դպրոցը եւ աշակերտութիւնը յաճախ ընդուներ էր պէյրութահայ հիւրեր: Դանդաղեցան քիչ մը:

Առաջին պատանին, որ ձեռք բարձրացուց, ըսաւ` «Ջանք»: Երկրորդ մը առաջարկեց, որ «Բարեւ» տանիմ, յաջորդը ըսաւ` «Լեզու»: Չորրորդը ըսաւ` «Շնորհակալութիւն, որ հայկական համալսարան ունիք»… Խօսակացութիւնը զարգացաւ, աճեցաւ: Նկատեցի, որ այս պատանիները քողարկուած պայքար մը, ջանքեր ունին` լեզուն պահելու, յաջող մարդ ու հայեր ըլլալու, կարօտցած են իրենց հայ քոյր-եղբայրները Լիբանանի (եւ ընդհանրապէս), զանոնք կը նկատեն իրենց հարազատները (այլ խօսքով, իրենց ենթագիտակիցին մէջ ամուր է զգացումը պատկանելիութեան, ազգի մը մէկ մասը ըլլալու…): Յետոյ հարցուցին Հայկազեան համալսարան յաճախելու մասին… Այն տպաւորութիւնն ունեցայ, որ իրենց համար Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը շօշափելի իրականութիւններ էին: Կը թուի սակայն, որ երկուստեք այս գոյութենական իրողութիւնները պէտք է եւ կարելի է աւելի շօշափելի դարձնել: Թերեւս պէտք է մտածել սփիւռքի հայ դպրոցներու աշակերտութեան համացանցային ուռկան մը յառաջացնել, ուռկանի այդ թելերը` աստեղային այդ կամուրջները, կրնան Ծիր Կաթիններ ըլլալ եւ հայկական աննախադէպօրէն խորացած այս ցրուածութիւնը արհեստագիտական նորագոյն միջոցներով աննախընթացօրէն առնչել, շաղկապել իրարու եւ յառաջացնել համահայկական դպրոցական աշակերտական ցանց մը, որ կրնայ խտանալ մաղի խտութեամբ…

Ինծի կը թուի, որ աշակերտները բառ-գաղափարով պատասխանեցին հարցումիս երկու պատճառով. նախ այն, որ վստահ չըլլալով հայերէնի իրենց գիտելիքներուն վրայ` խուսափեցան նախադասութիւն արտասանելէ: Հաւանաբար կար նաեւ միւս պատճառը, որ անոնք կրողներն էին գաղափարներու, որոնք խտացուած էին մէյմէկ բառերու մէջ:

Ինչեւէ:

Թերեւս տնօրէնուհին յստակացուցած էր նախապէս, թէ որքան պէտք էր տեւէր այս հանդիպումը, բայց ես տարուած էի ինծի համար ներկայ շօշափելիութեամբ անծանօթ, սակայն անցեալի պատմութեամբ եւ անուններով ծանօթ միջավայրով: Կը քալէի աստիճաններէն դպրոցի մը, որ 1885-էն ի վեր բաներ ու արտադրեր էր մեծեր` Դանիէլ Վարուժան եւ ուրիշներ: Հետեւաբար յստակ չէր ինծի, որ այս աշակերտական հարազատ հանդիպումը, զգացական տարերային կարօտալի օրօրոցումը մինչեւ ե՞րբ կրնայինք շարունակել: Յետոյ Վահագնը` «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ի այս ծրագրի համակարգողը, առաջարկեց, որ խմբանկար մը առնենք: Տնօրէնութիւն, ուսուցիչներ եւ աշակերտութիւն նկարուեցանք, ու աւարտեցաւ պաշտօնական բաժինը հանդիպումին, աշակերտները անցան իրենց դասարանները: Անոնցմէ մին, սակայն, մօտեցաւ եւ ըսաւ ինծի. «Գիտէ՞ք` ի՛նչ տարէք,- ու շարունակեց,- մենք հոս ենք…»: Աւելին չէի կրնար լսել, ստիպուած էի դէմքս շրջել ու աչքերս փախցնել այդ տղայէն, մինչ միտքս ինքնամփոփուեցաւ…

Հիմա միտքով իրենց հետ եմ ու աշակերտներուն, այդ տղուն, անոնց աչքերով հաղորդածը, զգացումներով ելեկտրականացուցածը, ըսածն ու չըսածը կը փոխանցեմ ոչ միայն լիբանանահայ աշակերտին, այլեւ` բոլորիս:

 

 

Փտածութեան Դէմ Պայքարի Նախարարը Անթիլիասի Մէջ

$
0
0

Երեքշաբթի, 16 յունուար 2018-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի` փտածութեան դէմ պայքարի նախարար Նիքոլա Թուէյնին:

Նախարարը վեհափառ հայրապետին զեկուցեց իր նախարարութեան կողմէ կատարուող աշխատանքին մասին: Հայրապետը գնահատելով նախարարին աշխատանքը` յիշեցուց, որ ներկայ ընկերութեան կեանքէն ներս փտածութիւնը դարձած է ընկերութիւնը բարոյապէս ու տնտեսապէս հիւծեցնող չարիք մը, որուն դիմաց անհրաժեշտ է ազդու միջոցներու դիմել:

 

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի

$
0
0

Փա՛ռք Ու Պատի՛ւ Հայ Ժողովուրդին, Կեցցէ՛ 28 Մայիս 2018` Հայրենակերտ Թուականը

Հայրենակիցնե՛ր,

Արդէն իսկ թեւակոխած ենք 2018 հայրենակերտ թուականը` հայ ժողովուրդի մեծագործութեան 100-րդ տարեդարձը: Մայիսեան պանծալի յաղթանակին, անկախութեան հռչակումին, ազգային ինքնիշխան պետականութեան հիմնադրութեան ու կառուցումին, Հայաստան հայրենիքի վերակերտումին:

Անցեալ դարերուն ունեցած ենք մշակութային ու քաղաքակրթական հրաշք իրագործումներ, հերոսական աննման խոյանքներ, պետականութեան ժամանակաշրջաններ, նոյնիսկ` կայսերական տարածումներ: Մինչեւ անգամ եղած ենք հզօր Բիւզանդիոնի ախոյեան` անկէ խլելով Կիլիկիան եւ հոն` օտար հողի վրայ հաստատած երեք դարեայ իշխանապետութիւն ու թագաւորութիւն: Բայց եւ այնպէս ու այդ բոլորով հանդերձ, 28 Մայիս 1918 թուականը իր գերազանց տարողութեամբ եւ պատմակշիռ ծանրութեամբ կը հանդիսանայ ԵԶԱԿԻՆ եւ կը խորհրդանշէ ազգային մեծագոյն տօնը, որ երբեւիցէ ունեցած ըլլայ մեր ժողովուրդը, գէթ` վերջին հազարամեայ իր կեանքին մէջ:

Ամբողջ Արեւմտահայաստանը անծայրածիր գերեզմանոցի վերածելէ ետք, ցեղասպան Թուրքիան իր բանակներով խուժած էր Արեւելահայաստան եւ հասած Երեւանի դռներուն` Հայաստանի ու հայութեան մնացորդն ալ սպանդի ենթարկելու եւ հայասպանութիւնը ամբողջացնելու նպատակով:

Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ Ապարանի ճակատներուն վրայ յաղթելու կամ մեռնելու ողջ հայութեան վճռակամութիւնն էր, որ պարտութեան մատնեց ու նահանջ պարտադրեց ներխուժող թշնամի բանակին, ձախողութեան մատնեց Ցեղասպանութիւնը շարունակելու թրքական ծրագիրը, որով եւ բնաջնջումէ փրկեց հայութեան մնացորդը:

Ասիկա կը նշանակէ, որ այս տարեդարձը անկախութեան պանծալի տօն ըլլալէ առաջ ու վերջ` հայ ազգի խորհուրդ խորին վերապրումի տօնն է:

Տակաւին, անկախութեան հռչակումին ու պետականութեան կառուցումին շնորհիւ` դարերէ ի վեր անդիմագիծ կամ սոսկ կրօնական համայնք նկատուող հայ հասարակութիւնը միջազգային հանրութեան կողմէ ճանաչում ստացաւ իբրեւ ազգային ինքնուրոյն միաւոր, եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով կերտուեցաւ հայ քաղաքացին:

Ահա թէ ինչո՛ւ եզակի ու մեր տօներուն մեծագոյնն է Սարդարապատի յաղթանակով իրագործուած եւ անկախութեան հռչակում, ազգային պետականաշինութիւն, հայրենիքի վերակերտում ու հայութեան վերապրումը խտացնող 28 մայիս 1918 թուականը, որուն, կրկնենք, 100-րդ տարեդարձն է այս տարի:

Հայրենակիցնե՛ր,

Արդէն իսկ Հայաստանի մէջ կազմուած է կառավարական յանձնաժողով, որպէսզի համապետական ու արժանաւոր տօնակատարութիւններով փառաւորուի հարիւրամեայ յոբելեանը:

Մենք եւս մեր կարգին կը յայտարարենք, որ յունահայութիւնն ալ, իբրեւ մէկ օղակը հայաշխարհին, բնականաբար եւ հպարտութեամբ այս` 2018 տարին կը նուիրէ 100-ամեակին:

Այսու կոչ կ՛ուղղենք յունահայ գաղութի յարանուանութեանց, ազգային իշխանութեանց, կուսակցական ու միութենական մարմիններուն եւ բոլոր ազգայիններուն, որ բոլորուինք այս նպատակին համար յառաջիկային կազմուելիք միասնական կեդրոնական յանձնախումբին շուրջ, որպէսզի արժանավայե՛լ շուքով, հպարտութեա՛մբ, միասնակա՛ն շարքերով պանծացնենք եւ նորահաս սերունդին փոխանցենք մեծութի՛ւնն ու փա՛ռքը այն հերոսներուն, որոնք կերտեցին Սարդարապատ, հայրենիք ու անկախութիւն եւ պետականութիւն:

Փա՛ռք ու պատի՛ւ հայ ժողովուրդին:

Կեցցէ՛ 28 Մայիս 1918` հայրենակերտ թուականը:

ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Աթէնք, 12 յունուար 2018

 

Viewing all 12097 articles
Browse latest View live