Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12094 articles
Browse latest View live

Քանի Որ Այլեւս Ժամանակ Չունէին Իրենց Կօշիկները Հագուելու

$
0
0

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

… Ու ես ամանորեայ սեղան պատրաստած, պայծառ արեւին տակ նստած` կը սպասեմ, որ գան հարազատներ` անվերադարձ  մեկնած մեր տեսադաշտէն եւ հարազատներ` հեռացած հեռու, հորիզոններէն անդին:

Կը կանչեմ զանոնք իրենց անուններով, որ գան, ձայն կու տամ, որ հաւաքուինք մեր օրհներգութիւնը սկսելու…

Ո՛չ եկող կայ, ո՛չ շշուկ. սեղանը ամայի կը մնայ մինչեւ այն պահը, երբ կը նկատեմ, որ անոր վրայ անկէզ ողջակէզ կայ եւ խարոյկ անտես աչքերէ:

Ձայն մը կ՛ըսէ` այս սեղանը տակաւին պէտք է յարդարուի եւ ամբողջանայ, ողջակէզը մատուցուի միայն այն օրը, երբ գայ որոշուած ժամանակը:

Յստակ կը դառնայ, որ սեղանին վրայ այլեւս ցորենով պատրաստուած հաց չեն ուտեր, հապա միայն` լոյսով ու լոյսով պատրաստուած բարիքներ, որոնք ամբարուած էին սեղանին վրայ երկար ժամանակ, եւ քանի որ լոյսը թափանցիկ է, չէինք նկատած այդ բարիքները, որոնք գանձերու պէս շարուած էին կողք կողքի. նոյնիսկ կիսաւեր տաճարներու սեղաններուն վրայ կուտակուած բարիքներ կային…

Բոլոր գաւառներու դատարկ ու կիսաւեր խորաններէն կը լսուին ձայները անոնց, որոնք հոն էին երկար ժամանակ, այն շարականասացներուն կամ դպիրներուն, որոնք անհետ չէին կորսուած, անոնք իրենց կօշիկները հանած` ննջած էին  այս պահուն, մինչեւ որ մեծ հարսանիքի լոյսէ ողջակէզը պատրաստուէր:

Ու դատարկ սեղան չէր մնացած. հիմա բոլորը իրենց տեղերը գրաւած` կը սպասէին փեսային  ժամանումին, որ թէեւ կ՛ուշանար բայց իրեն հետ պիտի բերէր ուրախութեամբ լի սրուակներ, հայելապատ հանդերձներ ու փետրաւոր անմաշ կօշիկներ, որոնք ո՛չ կը փտին, ո՛չ ալ կ՛աղտոտին:

Փեսան իրեն հետ պիտի բերէ սպիտակաթոյր շղարշներ` հարսնեւորներուն լուսաշող դէմքերը անարատ պահելու փոշիէն, տօնելու համար լուսաւոր Ամանորը: Գիշերուան 12-ը ըլլալով հանդերձ, արեգակնային լոյս պիտի սփռէ  հորիզոնին վրայ:

Փեսան նոյնինք անկէզ մորենին է, որ սեղանին կեդրոնը արդէն իսկ բազմած է հիմա, ճարճատելով  լոյս կու տայ յարակից մութ ու դատարկ սեղաններուն, որ` առանց ոչ մէկ ճիգի կը  լուսաւորէ ամէն անկիւն: Լոյսը չսիրողներուն մասին ալ մտածած էր, որ անոնց վրայ եւս սրսկէր իր ափերու  առկայծումէն ու զանոնք ալ  հրաւիրէր իր նոր տունը, չէր ուզեր, որ ոչ ոք մնար տխուր ու անպաշտպան: Ծառին ճարճատիւնը պիտի վերածուէր լոյսի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլար, մինչեւ բոլորը սկսէին նմանիլ լոյսին, այսինքն` փեսային, ու իրարու ձեռք բռնած` քալէին լոյսերուն մէջէն, իրարու հետ հաղորդակցելով` դառնային միատարր ու իրարու հարազատ, այնքան նման, որ ալ ոչ մէկը միւսը մերժելու պատճառ ունենար: Հուրհրատող ու չհատնող ծառը սկսէր խօսիլ ու երգել, մինչեւ որ այլափոխուէին բոլորը լոյսի ու մեղեդիի: Հանէին իրենց հին հագուստները,  փոխակերպուէին  ծառի լուսաթոյր փայլուն ու պսպղուն ճիւղերուն, աստեղազարդ պտուղներուն, ու ծառը մէկիկ մէկիկ անոնց յայտնէր բոլոր այն գաղտնիքները, զորս չէին լսած երբեք, իր լոյսով ցոյց տար այնպիսի բաներ, զորս բնաւ չէին տեսած: Ուրախանային բոլորը` մինչեւ «անսահման ու անհուն», խինդով լեցուէին ու ցնծային  մինչեւ արեւ ու տիեզերք: Լոյսը պտտցնէր զիրենք անկոխ մոլորակներուն վրայ ու անցնէին տիեզերքը, դէպի նոր տիեզերքներ: Լոյսը սափսահուն ու ամրակուռ իր ուսերուն վրայ շալկէր զիրենք ու սահէին անոր վրայ իբրեւ ձիւնի, իբրեւ գորգի հիւսուած արեւաթելերով, անցնէին մոլորակներէն բոլոր ու բարեւէին բոլորին մէկիկ մէկիկ: Լոյսը ըլլար իրենց համար ջուր ու սնունդ` վարդի ու մեղրի  համով, սիրոյ ու համբոյրի: Լոյսը ըլլար իրենց համար տուն ապակեպատ, ադամանդեայ վերարկուներ, մարգարտաշար կանաչ դաշտեր: Լոյսը մեղեդիին միանար, բառերու պէս ու հմայէր իր հմայքով բարի, երբ հպէր կնճիռներուն, թարմանային, շրթները թոթով բացուէին` արտասանելով եւ ըսելով.

«Կը սիրեմ քեզ, Տէ՛ր` զօրութիւնս.
Տէ՛ր, իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս»:

«Սաղմոս 18.1-2»

Հալէպ

 


2018` Պատմական Փայլուն Օղակներու Յիշատակումներու Տարի

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

2017 տարին հազիւ պատմութեան թանգարանին յանձնած` արդէն իր տեղը գրաւած է 2018 նոր տարին, որուն ամիսներ առաջ աշխարհի մարդկութիւնը իր հին ու նոր բոլոր յոյսերը կապած էր յուսատու հեւքով, պայծառ ու մաքուր երազներով եւ կամաց-կամաց արթնցող բաբախումներով: Պէտք է նշել, որ իւրաքանչիւր նոր տարի նման ցանկութիւններէն անկախ, ընդհանրապէս իրեն հետ կը բերէ նաեւ նոր մտածումներ, նոր ծրագիրներ եւ մանաւանդ` հարցերուն նայելու նոր առիթ:

Սակայն, միւս կողմէ, պէտք չէ մոռնալ, որ նոյն այս նոր տարին կու գայ տեղաւորուելու այնպիսի դարու մէջ, որ արդէն շատոնց կորսնցուցած է իր հոգին եւ պահած` միայն ձեւը: Ու եթէ աւելի մօտէն հետեւինք, կը տեսնենք, որ ան իր մէջ ունի վտանգաւոր ու նաեւ ջղային տրոփում մըն ալ` հակասական, անակնկալ, յաճախ մահազդու, սարսափելի եւ անհաւասար:

Ու հակառակ անոր որ երբեմն հոսկէ-հոնկէ յուսատու ոտնաձայներ կը լսուին, բայց մինչեւ այսօր տակաւին տխուր է աշխարհը, որովհետեւ գրեթէ ամէն երկիր եւ երկինք խառնակ եւ անհասկնալի է: Նոյնիսկ դժուար է երէկը հաշտեցնել ներկային հետ: Մարդոց երազները խառնուած են, ու բոլորն ալ ունին անհանգիստ ու անհամբեր որոնում մը` լաւին, բարիին, խաղաղութեան, անդորրութեան, համերաշխութեան եւ հաշտութեան: Այս բոլորը, որովհետեւ խառնուած են նաեւ աշխարհի մեծերու շահերն ու դերերը` միաժամանակ իրենց հետ խառնելով ներկայի պատմութեան էջերն ալ:

Ու ինչպէս միշտ, լաւ է, որ ժողովուրդներու մէջ տակաւին յոյսն ու հաւատքը պահած են իրենց պայծառութիւնը, ու մարդոց մէջ մթնոլորտը միշտ լեցուն է նոր կեանքի տեսիլքներով:

Բայց որքա՜ն բաներ փոխուած են երէկի եւ այսօրուան գալիքին մէջ, չենք գիտեր: Ահա հոսկէ է, որ ծնունդ կ՛առնեն եւ կը սկսին մեր աղօթքներն ու երազանքները, եւ մեր աչքերը միշտ ամպերէն վեր կը բռնենք` աղերսանքով եւ մաղթանքներով ու բազմազան վերլուծումներ կատարելով:

Բայց ո՞վ կրնայ նախատեսել կեանքի ընթացքը: Չէ՞ որ կեանքը առաջին օրէն իսկ ձայնագրուած չէ:

Արդ, անկախ այս բոլորէն, յիշենք, որ այս տարի պատմական եւ շատ յարգելի թուականներու յոբելենական նշումներու տարի ալ է: Այս մասին մամուլը մեզի կանուխէն յիշեցուցած եւ շեփորած է: Արդէն զանազան կլոր սեղաններու պատրաստութիւններ, համաժողովներ եւ գիտաժողովներ սկսած են ծրագրուիլ ամէն կողմ: Այս ձեւով մեր պատմական դէպքերու շարք մը գոյնզգոյն օղակներու իրերայաջորդ յիշատակումներու ականատես պիտի դառնայ հայը, ուր որ ալ ան գտնուի: Այսինքն` ազգային մեր էութեան ճանաչումի լաւագոյն առիթներու տօնակատարութիւն-հանդիսութիւններ, որոնց նշումներով անկասկած պիտի ջերմանան նաեւ մեր հոգիներն ալ:

Յոբելենական թուականներ ըսի, ու պէտք էր, որ նաեւ աւելցնէի մեր կողմէ գնահատանքի տուրք հասկացողութիւնն ալ: Որովհետեւ թուականներու յիշատակումէն աւելին էական են մե՛ր ընկալումն ու մե՛ր գնահատանքի չափը, որովհետեւ այս թուականներուն հետ հայը կապուած է իր խորհրդաւոր յարաբերութեամբ եւ իր գիտակցումը վերանորոգելու նոր պատգամներով եւ անոնց ընծայումով:

Միտքս պարզեմ. այսպէս`

1.- Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան` 28 մայիս 1918-ի 100-ամեակ

Ազատ եւ անկախ հայրենիքին տէրը դառնալը մեր դարաւոր երազանքը եղած էր: Հայկ նահապետը իր ազատութիւնը գտած էր նետով ու աղեղով ու մեզի կտակած` բռնակալներուն դէմ կռուելու, մեր իրաւունքներու տէրը դառնալու եւ հայրենի հողը պաշտպանելու ու անոր վրայ ազատօրէն շնչելու անհրաժեշտութիւնը:

1918 մայիս 28-ին հռչակուած ազատ ու անկախ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նշումը, հաստատապէս մեր ինքնութեան երաշխիքն է: Ու թէեւ միշտ հողի եւ ազատութեան համար արիւն թափած ենք, սակայն ապրած ենք ու կ՛ապրինք հայ ըլլալու եւ մնալու ծանր ու միեւնոյն ատեն հաճելի փորձառութիւնը: Այս թուականին էր, որ մեր պապերը ապրեցան ազատութեան գինովութիւնը ու մեզի ժառանգ ձգեցին ներկայ հայրենիքը:

2.- Արցախի անկախութեան 30-ամեակ

Չմոռնանք, որ արցախցին իր անկախութեան տիրանալու համար 20-րդ դարու վերջերուն զինուորի շապիկ հագաւ: Եւ որովհետեւ ականջ տուած էր հայրենի հողէն լսելի դարձող եւ ճայթող սերմերու արձագանգին ու դիմագրաւած` անկէ հասնող փոթորիկներուն, ուստի շարժման մէջ դրած էր իր բոլոր հնարքները ու այս ձեւով տիրացած` իր հողին եւ անոր անկախութեան:

1988-ը նաեւ այն թուականն է, որ հայը, պատի՛ւ իրեն, արդարօրէն թափեց իր երիտասարդ ու ազատատենչ զաւակներուն արիւնը` յանուն իր պապենական հողի ազատութեան, լուսաւոր, ազատ հայրենիքի մը կերտման ու իր ինքնութեան որոնման:

3.- Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան 90-ամեակ

Լա՛ւ յիշեցէք. հայը ամէն անգամ վերապրելու համար անյապաղ դիմած է իր մշակոյթին եւ անկէ ճառագայթող լոյսին: Ահա՛ Համազգայինը, որ մեր ժողովուրդի մտաւոր ապագայով մտահոգ եւ տագնապող հայորդիներու տեսիլքի ծնունդն է: Միութիւն մը, որ մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն կողմէ ընկալում ունեցած է:

Ան մեր մշակոյթը զանազան ձեւերով պահելու եւ բարգաւաճ դարձնելու մեծ առաքելութիւն մը ունի: Ահա թէ ինչո՛ւ 90 տարեկան Համազգայինը արժեւորել կը նշանակէ, արդար վարձքը տալ հայ մշակոյթի սպասաւորին եւ պահակին միատեղ:

4.- ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակ

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն` կամ ՀՄԸՄ եւ իր մէկ դարու կեանքը:

Իր գոյութիւնը վկայութիւնն է իր տարած աշխատանքին: Իր մէջ միշտ ներկայ է հայ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն իրենց ազգին հանդէպ ունեցած բոլոր ձգտումները միատեղ:

Հոն է, որ ՀՄԸՄ-ը երկսեռ հայ մատղաշներու մտքին եւ հոգիին մէջ ազգին եւ հայրենիքին, լեզուին եւ կրօնին հանդէպ սէր եւ նոյնքան ալ զանազան գիտելիքներ ու հաւատարմութիւն կ՛ամբարէ:

Վերջին հաշուով, ՀՄԸՄ-ը անցնող հարիւր տարիներէ ի վեր մեր ժողովուրդի երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներու համախմբում մը ըլլալով հանդերձ, արդարօրէն եւ պատշաճ բարձրացուցած է ու տակաւին կը շարունակէ` առողջ միտք, առողջ մարմին վարկածի գեղեցիկ դրօշակը, նշանակալից` նոյնքան ալ կարեւոր իր «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանի կողքին:

5.- «Ասպարէզ» օրաթերթի 110-ամեակ

«Ասպարէզ», աղուոր ու լայն պատուհան մը` աշխարհին նայելու ու նաեւ մենք զմեզ տեսնելու: Այլ խօսքով, մեր գաղութին մէջ ամէնօրեայ էականութիւն մը` մեր գալիքի մնայուն ներկայութեան համար:

Այսպէս, «Ասպարէզ»-ը իր մէկ դարէ աւելի կեանքով լուծումներ ապահովող եւ ցուցաբերող զարկերակ մը դարձաւ: Թէեւ ներկայիս ժամանակները նիւթականացած, մտայնութիւնները փոխուած, ակնկալութիւնները տարբերած են ու կեանքին տուած` առաւել հեւք եւ վազք, սակայն ան նշելի ու հաստատ իրականութիւն ու ներկայութիւն դարձած է: Ինքն է, որ իր մէջ ունի մեր ազգը, հայրենիքն ու մեր այս գաղութը ապրեցնելու ոգի: Իր շնորհիւ է, որ աշխարհը կը հետեւի մեր հերթին եւ իր միջոցով ալ մենք` աշխարհին: Հաւատարիմ է իր հիմնադիրներու երազին, միաժամանակ գիտակից` ազգային մեր իրավիճակը մատնանշելու եւ գնահատելու իր կոչումին, ան ճակատաբաց կը շարունակէ իր աւանդը:

6.- Երեւան` 2800 տարեկան

Ներկայ ազատ ու անկախ մեր հայրենիքի պատմական եւ գեղեցիկ մայրաքաղաքն է Երեւանը, որ երկար դարերու խորք ունի: Հոն կան հայու հոգիի եւ Աստուծոյ շունչը: Հաւատացէ՛ք, 2800 տարիներէ ի վեր Արարատը իր աչքերով զինք կը հսկէ:

Հայրենիք ըսի, պէտք էր աւելցնէի` նուիրում եւ սեփականութեան հրճուանք, որ քառորդ դարէ ի վեր աշխարհի քարտէսին վրայ ունի իր հաստատ տարածքը, իր այս վարդագոյն քաղաքով, որ Երեւան կը կոչուի:

Վերջապէս, Հայաստան եւ Երեւան միաձուլուած են` իրենց պատմութեամբ, հաւատքով, դրախտավայր իրավիճակով ու ոգիով, իբրեւ մեծ հպարտանք` համայն հայութեան: Երեւանն է, որ միշտ նոր յոյսեր եւ մաքուր երազներ հագած` հայութեան համար կը մնայ իբրեւ լուսաւոր եւ պանծալի ամենայն հայոց քաղաք:

Արդ, այս բոլոր թուականները հաստատապէս մեր ազգի արիւնէն, քրտինքէն, մտքէն եւ հոգիէն բխած են, եւ որոնք հարազատ մեր ազգի պատմութեան կը պատկանին եւ միաժամանակ անոր կը ծառայեն:

Ու իւրաքանչիւր տարեդարձի նշում խորքին մէջ մեր կեանքը վերարժեւորելու ձգտում մըն ալ ունի` իր ետին թաքնուած: Եւ երբ ամէն անգամ զանոնք հրապարակային կերպով կը յիշենք, կը նշենք, կը նշանակէ, որ մենք զմեզ կ՛արժեւորենք: Այս բոլորը դրական պատեհութիւններ են, որոնք սփիւռքեան մեր ճակատագրի պահպանման եւ կազմութեան մէջ մեծ դերեր ունեցած են:

Ու ինքնաբերաբար այս թուարկումներով արդէն մտած կ՛ըլլանք հայոց պատմութեան մէջ` տեսնելու համար հոն խարսխուած հայրենասիրութիւնը, հայապահպանումը, հայու ոգիի սաւառնումն ու հայակերտումը, մշակոյթի եւ ազատութեան սէրը, հայու կամքը, մարտնչումը, ընդվզումն ու յեղափոխութիւնը:

Նաեւ կը շեշտենք, որ մենք իբրեւ ազգ` հպարտօրէն ստեղծած, ապրած եւ ապա անցած ենք այս թուականներուն մէջէն` մենք զմեզ գտնելու, տեսնելու եւ հանդիպելու:

Բայց չմոռնանք, որ սփիւռքի մէջ կ՛ապրինք եւ տակաւին մեր մէջ առկայ է սփիւռքեան մեր ինքնախաբէութիւնը:

Եւ եթէ կը հաւատանք, որ կեանքը, վերջին հաշուով, ռազմադաշտ մըն ալ է` անարդար ճակատամարտի, ուստի ժամանակն է, որ այլեւս վերջ տանք ահազանգ հնչեցնելու ճիգին: Գործնականի անցնինք: Գիտենք, որ աղէտը հասած է մինչեւ մեր դուռը: Իրատես ըլլանք, մենք` իբրեւ ծնողք կամ միութենական, հոգեւոր հովիւ կամ ղեկավար, ուսուցիչ կամ պարզ անհատ: Միասնաբար մտածենք, թէ մեր նոր սերունդը վաղը, երբ մեծնայ, ինչպէ՞ս զինք աշխարհացումի յաղթանակող մարտահրաւէրին մասնակից պիտի դարձնենք: Ինչպէ՞ս հաւատք եւ հայութիւն պիտի ստեղծենք, որպէսզի սփիւռքի մեր ջահը չմարի, վառ մնայ: Ինչպէ՞ս պիտի պահենք մեր լեզուն եւ աւանդը:

Իրականութիւն է. որքան մխրճուինք եւ խորանանք մեր ազգային հասարակական կեանքին մէջ, այնքան շօշափելի կը տեսնենք մեր իրականութիւնն ու մեր գիտակցութեան չափն ու աստիճանը: Ուստի էական է, որ մեր շուրջ եւ յատկապէս երիտասարդ սերունդին մէջ դրական պատեհութիւն ստեղծենք` յանուն սփիւռքահայու գոյատեւման:

Միաւորուինք: Համախմբուինք: Մեր շարքերը երիտասարդացնենք: Մօտենանք անոնց: Վստահութիւն ներշնչենք: Առիթ ընծայենք, որ իրենք ալ մասնակից դառնան մեր ներկայ պատմութեան: Օգտուինք իրենց ձեռք ձգած ուսումէն ու գիտութենէն եւ միասին մտածենք, ծրագրենք ու իրագործենք: Հայրենիքի կողքին միշտ մնանք, որպէսզի ճակատաբաց գոյատեւենք: Ժամանակները թէեւ նիւթականացած են, բայց իրականութիւնը իբրեւ յանձնառութիւն վերցնենք: Պատրաստ ըլլանք յանձն առնելու գերագոյնը: Մեր պատմութեան մէջ մնանք: Զայն մերը ընենք, որպէսզի չկորսուինք: Մտածենք մեր կորսուած սերունդներու մասին: Օրինակուինք եւ պատմութենէն դասեր վերցնենք:

Դուրս գանք մեր բոլոր ոչ միայն նշմարելի, այլ տեսանելի թերութիւններէն, անիմաստ ախորժակներէն, հին ու նոր վէճերէն, ձեւական գնահատականներէն, հինցած եւ արդուկը անցած մտայնութիւններէն, անձնասիրութիւններէն, սնապարծութիւններէն, աժան ծափահարութիւններէն` պահելու համար մեր տոհմայինը եւ ազգայինը:

Այս բոլորը` յանուն գալիք տեսիլքներու կամքը զօրակոչելու:

Կարեւոր է եւ էական` ըլլալ այն, ինչ որ իսկապէս ենք:

Ահա Նոր տարուան մաղթանքս բոլորին:

Շնորհաւո՛ր Նոր տարի:

 

 

Լոյս Տեսաւ. Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 7 –Համաստեղութիւն» Հատորը

$
0
0

Լոյս տեսաւ, դարձեալ առցանց, Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 7 – համաստեղութիւն»  հատորը, որ երրորդն է, որ ոչ տպագիր կը հրատարակուի:

Ան կը համախմբէ հեղինակին գրած  ուղեգրութիւնները` սփիւռքի կարգ մը գաղութներ կատարած իր ճամբորդութիւններուն առիթով: Գիրքի ներածականին մէջ Վրէժ-Արմէն կը նշէ. «Տեղեկագրութիւն չէ ըրածս, այլ` արձանագրութիւնը տպաւորութիւններու եւ անոնց առթած մտորումներուն: Օրագրային բնոյթ չունին անոնք, սակայն կա՛յ պատմողական գիծ մը, որ կրնայ հեշտացնել ընթերցումը»:

Ուղեգրութիւնները կը վերաբերին Թորոնթօ, Վանքուվըր, Աթլանթա, Մասաչուսեց,  Ֆլորիտա, Ֆրեզնօ, Աւստրալիա, Սուրիա ու մանաւանդ Լիբանան այցելութիւններու, իսկ Լիբանանը` «կարեւոր տեղ կը գրաւէ այս հատորիս մէջ, քանի որ իրերու բերմամբ բազմիցս այցելեր եմ Մայրիներու երկիրը», կը գրէ հեղինակը, ապա կ՛աւելցնէ. «Միւս կողմէ` կը բացակային բազմաթիւ գաղթօճախներ, ուր գացեր եմ ու վայելեր նաեւ անո՛նց ասպնջականութիւնը, սակայն յետոյ «Ոստայն»-ներու չեն վերածուած այդ այցելութիւնները, չեմ գիտեր` ինչո՛ւ: Աւելցնեմ սակայն, որ գրեթէ իւրաքանչիւր ճամբորդութեանս արձանագրութիւնը պահուած է անկապ օրագրի կամ նամակի ձեւով, եւ օր մը թերեւս ի վերջոյ անոնք եւս կը գրուին, կը պատմուին… Օ՛ր մը»:

Գրութիւններուն կ՛ընկերանան բազմաթիւ լուսանկարներ, որոնք չեն ընդգրկուած էջերը զարդարելու, այլ` «շրջապատ մը կամ մթնոլորտ մը ցոյց տալու համար, բառերով չըսուածը պատկերով արտայայտելու նպատակով»:

Վրէժ-Արմէնի ուղեւորական այս պատումները ցարդ ամփոփուած են «Ոստայն 3 – հաղորդութիւն» եւ «Ոստայն 6 – ժամադրավայր» հատորներուն (երկուքն ալ յատկացուած` Հայաստան կատարուած ճամբորդութիւններուն) եւ ներկայ հատորին մէջ: Այս վերջինին զուգահեռաբար պատրաստուած է ու շուտով լոյս կը տեսնէ  «Ոստայն 8 – ճանապարհներ»-ը, որ նոյնպէս կը բաղկանայ «ուղեգրութիւններէ,  արձակուրդային բնոյթի, որոնց մէջ, սակայն, գրեթէ միշտ առկայ են հայութեան հետ առնչումներ կամ մարդկային ապրումներ` ոչ միայն հայութեան առնչուած»:

Հեղինակին չորս վերջին հատորները մատչելի են ընթերցողին Հայերէնblog կայքէջի «Գիրքեր» բաժնին մէջ (https://hayerenblog.wordpress.com/ գիրքեր): Այնտեղ կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակին ոչ անձնական բնոյթի նամակները, որ հետզհետէ կ՛ամբողջանայ:

6 յունուար 2018

Նշմար. Ս. Ծնունդի Տօնին Առիթով «Էմ. Թի. Վի.» Կայանէն Սփռուած Զոյգ Յայտագիրները Գնահատանքի Արժանի Երեւոյթներ Են

$
0
0

Հայկական Ս. Ծննդեան տօնին առիթով լիբանանեան պատկերասփիւռի «Էմ. Թի. Վի.» կայանը ներկայացուց յատուկ երկու յայտագիրներ: Առաջինը` շաբաթ, 6 յունուար 2018-ին` «Միասնաբար տօնենք Ս. Ծնունդը» (սաուա մընայէտ), ուր հաղորդավար Ռանիա Աշքար հիւրընկալեց լիբանանահայ քաղաքական անձնաւորութիւն մը, արուեստագէտներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն միաբան մը: Յայտագրի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայկական Ս. Ծնունդը  6 յունուարին նշելու իրողութեան, Ս. Ծննդեան աւանդական սեղանի պատրաստութեան եւ շրջուն աւետաբեր խումբերուն, ինչպէս նաեւ` Ժիպէյլի «Արամ Պեզիքեան» որբերու թանգարանի մասին:

Իսկ երկրորդ յայտագիրը` «Երաժշտութիւն» (միուզիքըլ) պատկերասփռուեցաւ կիրակի, 7 յունուար 2018-ին, դարձեալ նոյն կայանէն: Այս անգամ Ռանիա Աշքար հիւրընկալեց հայասէր արուեստագէտ, դաշնակահար Ղասսան Եամմինը,  որ տէր եւ տնօրէնն է «Էքոլ տէ զ՛ար» երաժշտական քոլեճին: Յայտագիրի ընթացքին Ղասսան Եամմին իր հիացմունքը արտայայտեց հայ մշակոյթին հանդէպ` նշելով, որ իր մասնագիտութիւնը Փարիզի մէջ կատարելագործելէ առաջ Պէյրութի մէջ ունեցած է հայ ուսուցիչներ, որոնք հայ մշակոյթի պատմութեան մասին բազմաթիւ տեղեկութիւններ տուած են իրեն: Հարցազրոյցին զուգընթաց, հայ երաժշտութեան գոհարներ հնչեցին` նուագակցութեամբ Գէորգ Քէշիշեանի` տուտուկ եւ շուի, Անթոնի Հուսնիի` սազ, Գառնիկ Փանոսեանի` տուտուկ, Ռոտոլֆ Մանուկեանի` հարուածային գործիքներ: Երաժշտական կարգ մը կտորներուն մեներգով ընկերակցեցաւ աշուղական երգերու մեկնաբան Նժդեհ Պոտրումեանը:

Յայտագրին ընթացքին լսուեցան տարբեր երաժշտական կտորներ, ինչպէս` «Մուսա տաղի ազգագրական երգ», Սայաթ Նովայէն «Յիս քու ղիմէթըն», «Արցախի պար», «Խորոտիկ եար», «Ծաղկած բալենի», «Քոչարի», «Ծաղկիր ինձ համար», «Գարուն, գարուն, գարուն է»: Այստեղ լուսարձակի տակ պէտք է առնել, որ իւրաքանչիւր երգի ներկայացումէն առաջ արուեստագէտ Ղասսան Եամմին մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ տուեալ երգի հեղինակին, բառերուն, երգին մէջ տեղ գտած յուզումներուն եւ ուրախութեան, ինչպէս նաեւ հայկական երաժշտութեան իւրայատկութեան մասին, ինչ որ զգալիօրէն զարմացուց հաղորդավարը: Ղասսան Եամմին երախտագիտութիւն յայտնեց «Էքոլ տէ զ՛ար» երաժշտական քոլեճի տուտուկի ուսուցիչ Գէորգ Քէշիշեանին, որ մեծ ներդրում ունեցաւ այս յայտագրի պատրաստութեան եւ ներկայացման մէջ: Ան իր հարցազրոյցը եզրափակեց` յայտնելով, որ հայկական երաժշտութիւնը իր հարուստ ժառանգութեամբ միշտ այժմէական է եւ նորարարական երաժշտութեան մէջ իր անուրանալի դերը ունի:

Երկու յայտագիրները, որոնք ներկայացուեցան «Էմ. Թի. Վի.» կայանի կողմէն, հայութեան հանդէպ յարգանքի արտայայտութեան դրսեւորումն են: «Միասնաբար տօնենք Ս. Ծնունդը» եւ «Երաժշտութիւն»  յայտագիրները հպարտութիւն առթող եւ հայկական երաժշտութիւնը պանծացնող երեւոյթներ են:

Վարձքը կատար բոլորին:

Կ. Ա.

Քաղաքական Անդրադարձ. Փարիզի Ոճիրը Եւ Թրքական ՄԻԹ-ի Շուքը

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

10 յունուար 2013-ին Փարիզի` Քուրտիստանի տեղեկատուական գրասենեակին մէջ սպաննուեցան` ՔԱԿ-ի (Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւն) հիմնադիրներէն Սաքինէ Ճանսըզը, Ֆրանսայի մէջ ՔԱԿ-ի ներկայացուցիչ Ֆիտան Տողանը եւ երիտասարդ գործիչ Լէյլա Սէօյլեմեզը:

Ըստ յօդուածագիր Օրհան Քեմալ Ճենկիզի («Ալ Մոնիթըր», 20/1/2014), ոճիրը գործողներուն նպատակն էր հարուածել խաղաղութեան եւ բանակցութիւններու գործընթացը, որ կ՛ընթանար թրքական կառավարութեան եւ ՔԱԿ-ի միջեւ: Ճենկիզ կը գրէ, որ ֆրանսական ոստիկանութիւնը ի յայտ բերած է, որ ոճրագործը` Էօմեր Կիւնէյ կը պատկանի ՔԱԿ-ին, եւ ան Սաքինէ Ճանսըզի վարորդն էր, հաւանաբար այսպէս դիւրին էր սպաննել ՔԱԿ-ի անդամները: Ոճիրէն 2 օր ետք համացանցի վրայ կը զետեղուի Կիւնէյի ձայնը: Ձայնագրութեան մէջ կը բացայայտուի, ըստ աղբիւրին, որ Կիւնէյ ՄԻԹ-ի անդամի մը հետ երկխօսութիւն կ՛ունենայ, վերջինս անոր կը խոստանայ վճարել 6000 եւրօ, եթէ հասնի իր նպատակին, եւ կը յորդորէ ոճրագործութեան պահուն ձեռնոց գործածել եւ ինչ տեսակի զէնք գործածել: ՄԻԹ-ի անդամը կ՛ըսէ Կիւնէյին. «Աստուած մեզի օգնէ, չենք հանդուրժեր որեւէ պզտիկ սխալ, մեզի համար քու ապահովութիւնդ կարեւոր է»:

Անշուշտ այս բոլորին ճիշդ ըլլալը հարցական է, որովհետեւ նոյն ժամանակ ՄԻԹ-ի ներկայացուցիչ Հաքան Ֆիտան բանակցութիւններու մէջ էր ՔԱԿ-ի բանտարկեալ ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանին հետ, եւ այս ոճիրը հարուած մըն էր բանակցութիւններու գործընթացին: Արդեօք ՔԱԿ-ի մէջ պատահած ներքին պայքարի հետեւա՞նք էր պատահածը: Մինչ ՄԻԹ հերքեց, թէ որեւէ կապ ունի այս արարքին հետ, սակայն անոր շուքը տակաւին այս ոճիրի ետին կը կանգնի:

Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» ( 12/2/2014) թերթը անդրադառնալով այս հարցին` կը գրէ, որ Կիւնէյ 2003-2011 ապրած է հարաւային Գերմանիոյ Պաւարիա նահանգը: 2011-ին Կիւնէյ իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ անդամակցելու ՔԱԿ-ին եւ կը պաշտօնավարէ իբրեւ թարգմանիչ եւ վարորդ, սակայն, ըստ գերմանական աղբիւրներուն, ան որոշ համակրանք ունէր թրքական ազգայնական կողմերու հանդէպ, հետեւաբար կասկածելի էր անոր անդամակցութիւնը ՔԱԿ-ին. այսուհանդերձ, Կիւնէյ յաջողեցաւ Սաքինէ Ճանսըզի վստահութիւնը շահիլ:

Շէնքին տեսախցիկը ցոյց կու տայ, որ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին Կիւնէյ կը հասնի Ճանսըզին հետ, ժամը 12:56-ին ան գրասենեակէն դուրս կ՛ելլէ. երբ ոստիկանութիւնը կը հասնի, կը տեսնէ երեք կիներու դիակները, որոնք գնդակահարուած էին իրենց գլուխէն եւ ստամոքսէն` անձայն ատրճանակով: Սակայն, ըստ ֆրանսական ոստիկանութեան, Կիւնէյ նկարած է մօտ 300 ՔԱԿ-ի կուսակցական անդամատոմս եւ ապա` այրած զանոնք: Ձերբակալութեան պահուն ան ըսաւ, որ ՔԱԿ-ի հրամանով ինք այրած է բոլոր փաստաթուղթերը եւ նկարները ղրկած` իր ղեկավարութեան:

Սակայն 17 դեկտեմբեր 2016-ին անակնկալօրէն Կիւնէյ մահացաւ: Անոր դատավարութիւնը պիտի սկսէր 23 յունուար 2017-ին, բայց այսպիսով դատը փակուեցաւ: Փարիզի դատարանը յայտարարեց, որ ոճիրը հետեւանք էր ՔԱԿ-ի ներքին պայքարին: Թրքական «Տէյլի Սապահ» օրաթերթը (18/12/2016) հաղորդեց, որ Կիւնէյ մահացաւ ուղեղային հիւանդութենէ մը: Օրաթերթը հերքեց, որ ան որեւէ կապ ունի ՄԻԹ-ին հետ, եւ ամբաստանեց գերմանական գաղտնի սպասարկութիւնը` այս հարցի ետին կանգնելու յանցանքով: Սակայն Մուրատ Շահին` ՄԻԹ-ի նախկին ներկայացուցիչը, քրտական «ԱՆՖ Նիուզ» կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց այն իրողութիւնը, որ Կիւնէյ ՄԻԹ-ի անդամ էր: Մաքսիմ Ազատի «Ենի Էօզկիւր Փոլիթիքա» կայքին մէջ հրատարակուած իր յօդուածին ընդմէջէն ուղղեց հետեւեալ հարցումները. արդեօք Կիւնէյի մահը բնակա՞ն էր, թէ՞ զայն թունաւորեցին, արդեօք դատավարութիւնը մասնաւո՞ր երկարեցաւ մինչեւ Կիւնէյի մահը, եւ վերջապէս, եթէ ոճրագործը սպաննուեցաւ, ապա ո՞ւր են սպանութեան հրամանը տուողները:

Սակայն, ինչպէս միշտ, արեւմտեան երկիրներու համար փոքր ազգերու ճակատագիրը կը մնայ շանթաժի առարկայ, եւ վերջերս, երբ նախագահ Էրտողան այցելեց Ֆրանսա, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ երկու երկիրները պիտի ստորագրեն 3,4 միլիոն տոլարնոց զինուորական համաձայնագիր: Նախագահ Մաքրոն շատ մեղմ ձեւով անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ հակաժողովրդային բռնութիւններուն: Ներկայ իրավիճակով քրտական հարցը շատ կը նմանի հայկական հարցին, «մարդասէր» Եւրոպան դարձեալ իր շահերը կը հետապնդէ, եւ երբեք չկարծենք, որ օրին մէկը հայկական կամ քրտական հարցը պիտի լուծուի եւրոպական երկիրներու ձեռամբ: Էօմեր Կիւնէյի հարցը փակուեցաւ, սակայն հարցումները տակաւին կը մնան անպատասխան, եւ զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ ՄԻԹ-ը նոր ոճիրներ գործէ: Մինչ նախագահ Մաքրոն կ՛ըսէ, որ կարգ մը երկիրներ պէտք է վերահաստատեն իրենց «rule of law»-ն (օրէնքի գերիշխանութիւնը), ան կը մոռնայ ոճիր մը, որ պատահեցաւ ֆրանսական հողերուն վրայ` օտար գաղտնի սպասարկութեան մը կողմէ:

Yeghia.tash@gmail.com

Գաղափարական Հարցեր. Սիմոն Տը Պովուար. Յեղափոխական Կին Գաղափարախօսին 110-ամեայ Ժառանգութիւնը

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Այս տարի 9 յունուարին կը լրանայ ֆրանսացի գրող, փիլիսոփայ, կնոջական շարժման գաղափարախօս եւ ընկերային տեսաբան Սիմոն Տը Պովուարի ծննդեան 110-ամեակը: Սիմոն տը Պովուարը ծնած է 9 յունուար 1908-ին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ: Ծնունդ առնելով կրօնամէտ եւ մեծահարուստ ընտանիքի մէջ` ան հինգ տարեկանէն կ՛ուղղուի «Քուր տեզիր» կաթողիկէ դպրոցը, ուր կը յաճախէին ազնուական ընտանիքներու աղջիկները: Տը Պովուարի մէջ կասկած կը սկսի ծագիլ դպրոցական պատանի տարիքէն, երբ իր ազգականը` Ժաք Լեկիոն, որ կը յաճախէր պետական վարժարան (աշխարհիկ), իր դպրոցի գրադարանը օգտագործելով` կը կարդար Անտրէ Ժիտի, Ժան Քոքտոյի եւ աշխարհահռչակ այլ գրագէտներու ստեղծագործութիւնները, որոնք կը յանձնէր տը Պովուարին: Այսպիսով, տը Պովուար կը տեսնէ տարբերութիւնը իր կաթողիկէ դպրոցին եւ պետական աշխարհիկ դպրոցին միջեւ. առաջինին մէջ ուսուցիչները միայն քրիստոնէական աստիճաններ ունէին, իսկ երկրորդին մէջ` վկայականներ: Միւս կողմէ, իր ծնողներուն միջեւ ծանր հարցեր ծագած էին, ընտանիքը մատնուած էր քայքայման եւ ամուսնալուծման. տը Պովուարը` իբրեւ կաթողիկէ հաւատացեալ, իր աղօթքները կը բարձրացնէ յանուն իր ընտանիքին միասնականութեան, բայց երբ անոնք ի զօրու չեն ըլլար այդ միասնականութիւնը հաստատելու, կը կորսնցնէ իր հաւատքը:

Իր բարձրագոյն կրթութիւնը նախ կը ստանայ Փարիզի կաթողիկէ ճեմարանին մէջ` ուսողութեան մասնագիտութեամբ (1925), Սան Մարի ճեմարանին մէջ` գրականութիւն եւ լեզուաբանութիւն, ապա Սորպոնի մէջ կ՛ուսանի փիլիսոփայութիւն (1928):

Տը Պովուարը դարձաւ 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն ծաւալած «նոր ձախ» շարժման գաղափարաբանական նշանաւոր դէմքերէն մէկը եւ 20-րդ դարուն միջազգային գետնի վրայ ամէնէն կարեւոր փիլիսոփաներէն մէկը` արեւմտեան մարքսականութեան եւ ֆրանսական կնոջական շարժման մէջ իր կատարած հետազօտական եւ տեսաբանական աշխատանքներով, որոնք աշխարհի մէջ արթնցուցին պայքարի ոգին եւ իրենց տեղը ունեցան նաեւ մեր հայկական ընկերութեան մէջ:

Սիմոն տը Պովուարի տեսաբանական աշխատանքները (մանաւանդ` «Երկրորդ սեռը» գիրքը), որոնք 1960-ականներուն ծնունդ տուին կնոջական շարժման երկրորդ ալիքին, որ կը տարբերէր առաջին ալիքէն (որ ծնունդ առաւ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ տեւեց մինչեւ 20-րդ դարու միջին տարիները եւ կեդրոնացած էր կնոջ քուէարկութեան իրաւունքի ապահովման վրայ) իր ընկերային եւ տնտեսական ուղղուածութեամբ, ինչպէս` հաւասար աշխատավարձի, վիժումի ապահովման եւ բռնութեան դէմ պայքարի սկզբունքներու ներառումով (բռնաբարութեան դէմ եւ ամուսնալուծման իրաւունքի ապահովում):

Տը Պովուարի «Երկրորդ սեռը» աշխատութեան մէջ կը յայտնուին իր ընկերվարական հեռանկարները: Ան այդ աշխատութեան մէջ կը նշէ. «Երբ ընկերվարութիւնը կ՛իրականացուի միջազգայնօրէն, այդ ժամանակ կիներ եւ տղամարդիկ պիտի չըլլան, այլ` իրարու հաւասար աշխատաւորներ: Ընկերվարութիւնը ատոր համար եղաւ այն գաղափարախօսութիւնը, որ պիտի ստեղծէ նիւթական պայմաններ կիներուն համար»: Տը Պովուար նաեւ իր կարծիքը կը յայտնէ դասակարգային պայքարի եւ ընկերվարական յեղափոխութիւնը մղելու հարցին շուրջ` ըսելով. «Ժամանակին կը կարծէի, որ դասակարգային պայքարը պէտք է տեղի ունենայ սեռային պայքարէն առաջ: Այսօր յարմար կը տեսնեմ, որ երկուքը միասնաբար մղուին»:

Տը Պովուարի արեւմտեան մարքսականութիւնը յայտնի է Խորհրդային Միութեան նկատմամբ իր կարծիքներով: Ըստ Տը Պովուարին, խորհրդային համայնավարութիւնը աւելի չբարելաւեց կիներու կեանքը, քան` դրամատիրական պետութիւնները: Խորհրդային Միութիւնը միայն պետական պաշտօններ յանձնեց եւ գործեր ապահովեց կիներուն, իսկ միւս կողմէ` բազմաթիւ կիներ իբրեւ տանտիկիններ մնացին տուներու մէջ: Ըստ իրեն,  աշխատանքը առաջին պայմանն է կիներու անկախութեան: Տը Պովուար կը հաւատար, որ կինը իրապէս պիտի ազատագրուի, երբ վերջնականապէս տապալի հայրիշխանական համակարգը: Ան կը տեսնէր, որ կիները համագործակցաբար պէտք է մղեն իրենց պայքարը` քաղաքական ձախակողմեան շարժման եւ աշխատաւորական շարժման կողքին: Խորհրդային Միութեան կողքին, ան նաեւ քննադատութեան ենթարկեց Չեխոսլովաքիոյ իշխանութիւններն ու Ֆրանսայի Համայնավար կուսակցութեան ուղղափառ մարքսականութիւնը, որոնք կնոջական հարցը երկրորդական կը նկատէին, իսկ առաջնահերթութիւնը տուած էին դասակարգային պայքարին: Ըստ տը Պովուարին, դասակարգային պայքարի ծիրին մէջ պէտք է մտնէ հասարակութեան մէջ բոլոր զրկուածներուն պայքարը:

Ազատութեան գաղափարն ալ նոյնպէս թանկագին էր տը Պովուարին համար: Ան դէմ էր ամէն տեսակի ճնշման` դասակարգային, ժողովրդային կամ անհատական մակարդակներու վրայ, եւ ըստ իրեն,  բոլոր տեսակի ճնշումները կը ստեղծեն ռազմապաշտ պետութիւն: Հասկնալու եւ ըմբռնելու համար տը Պովուարի ազատութեան գաղափարի խորունկ իմաստը, կ՛արժէ յիշել անոր հետեւեալ խօսքը. «Կը մաղթեմ, որ ամէն մարդու կեանքը ըլլայ անկեղծ ազատութեամբ լի», եւ ահա այս վերջին խօսքն է մաղթանքը ամբողջ մարդկութեան, որ մինչեւ օրս կը մնայ այժմէական ու այդպէս ալ պիտի մնայ յաւիտենապէս:

Սիմոն տը Պովուարի համաձայն, բոլոր զրկուած տարրերուն պայքարը աւելի գործնական է եւ աւելի բանական, քան` խումբ-խումբ կամ դասակարգ առ դասակարգ պայքարը, քանի որ իր մէջ պիտի ընդգրկէ հասարակութեան բոլոր զրկուած տարրերը եւ մէկ փոթորիկով պիտի տապալէ անարդարութեան հիմքը աշխարհի վրայ:

 

 

 

Նշմար. Արտօնելի Չէ

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Արիւնոտ դրօշ մեր ազատութեան
Ծածանեց ընդդէմ բռնակալութեան,
Յոյսով լեցուեցաւ սիրտը հայութեան,
Երկիւղը պատեց կայսեր Օսմանեան:

Արի՛ք, հայկազո՛ւնք, գոչենք միաձայն,
Սրտագին գոչենք – կեցցէ Հայաստան,
Կեցցէ Հայաստան եւ ազատութիւն,
Հայրենեաց պաշտպան քաջ ֆիտայութիւն:

Չըմնանք, հայե՛ր, օտար լուծի տակ,
Հերիք է հայուն այսքան համբերել,
Թող չծաղրէ մեզ անգութ թշնամին,
Մինչեւ որ հասնինք մեր նպատակին,
Սիրենք միութիւն, չանենք վատութիւն,
Միշտ բարձր պահենք Հայաստան անուն:

Սիրելի՛ ընթերցող. գիտեմ, որ զարմացած  ու զայրացած ես, որովհետեւ այս յեղափոխական երգը տասնամեակներով երգուած է, բայց բառերը այսպէս չէին: Ամէն մարդ գիտէ, որ արիւնոտ դրօշը վեհ Դաշնակցութեանն է, հայրենեաց պաշտպանը վեհ Դաշնակցութիւնն է, եւ միշտ բարձր պահենքը ՀՅԴ անունն է:

Հիմա գանք մեր բուն խնդիրին:

Նոր տարին դիմաւորելէ ետք մեր քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ` դարձեալ համերգ է, յունուար 1-ի երեկոյեան` Օփերայի հրապարակին  վրայ: Տօնական եւ ջերմ մթնոլորտը տիրական է ամէն տեղ: Խօսնակը կը շնորհաւորէ հայ ժողովուրդի Նոր տարին եւ կը յայտնէ, որ 2018-ը յիշատակելի տարի պիտի ըլլայ հայութեան համար, որովհետեւ ազգովին պիտի յիշատակենք  Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան 100-ամեակը եւ մեծ շուքով պիտի տօնենք մեր մայրաքաղաքի հիմնադրութեան 2800-րդ տարեդարձը: Տեղին եւ խօսուն:

Ներկաներուն թիւը աստիճանաբար աճ կ՛արձանագրէ, եւ խանդավառութեան ալիքը կը տարածուի` հասնելով շա՜տ հեռուները:

Տուն վերադարձին, Հ1 պատկերասփիւռի կայանէն հաճելի էր հետեւիլ մեր սրտին մօտիկ Յարութ Փամպուքճեանի փառաւոր երգահանդէսին, որ կայացած էր Երեւանի մէջ:

Փամպուքճեանը  երգահանդէսի աւարտին կը կատարէ նաեւ «Արիւնոտ դրօշ»-ը: Հոս է, որ յանկարծ պաղ ջուր կը թափի մեր տրամադրութեան վրայ: «Արիւնոտ դրօշ»-ին բառերը «յարմարցուած» են. կը հետեւինք ուշադրութեամբ, բարեբախտաբար կրկներգի բաժիններ կան, ուր կրնանք անգամ մը եւս լսել եւ հաստատել, որ ճիշդ լսած ենք: Կայ աւելին. համացանցի միջոցով դարձեալ կը հետեւինք կատարումին, եւ կը հաստատուի այն, ինչ որ վերը յիշուած է:

Համացանցի միջոցով կը ստուգենք երգիչին նոյն երգին կատարումները սփիւռքի մէջ: Սփիւռքի մէջ հարազատ են երգին բառերը, մինչ հայրենիքի մէջ փոխուած են…

Ո՞վ է այս փոփոխութիւն կատարողը (կամ թելադրողը) եւ ի՞նչ  իրաւունքով:

Արտօնելի եւ վայել չէ ոեւէ երգիչի այսպիսի փոփոխութիւններ կատարելը:

1 յունուար 2018
Քաղաք Երեւան

Յովհաննու Կարապետի Տօնը

$
0
0

ՄԱՇՏՈՑ ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ
Ժողովրդապետ` Գիւմրիի Ս. Նահատակաց
Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ

«Յովհաննէս Մկրտիչ Յիսուսը կը մկրտէ Յորդանան գետին մէջ»: «Զմմառու Մայրավանքի ձեռագրատուն, ձեռագիր` bzbz00022»

Հա՛յ ֆիտայիներ,
Ջա՛ն ֆիտայիներ,
Ձեր մայրերը` ձեզ ղուրպան:
Մշոյ Սուրբ վանք Սուրբ Կարապետ
Ձեզ լինի օգնական:

Հայ ժողովուրդը ամէն տարի յատուկ տօնախմբութեամբ կը պատուէ Յովհաննու Կարապետի պանծալի յիշատակը: Այս մէկը ինքնանպատակ չէ, այլ ունի իր արդարացի պատճառը: Արդ, Հայաստան աշխարհի քրիստոնէացումէն անմիջապէս ետք, հայոց առաջին լուսաւորիչ Սուրբ Գրիգորը Արածանի գետին մէջ հայ ժողովուրդին հաւատքը բիւրեղացնելով ամրապնդելու սրբազան աշխատանքին լծուեցաւ, զանոնք մկրտեց եւ դրոշմեց` հետեւելով Յովհաննէս Մկրտիչի օրինակին, որ Քրիստոսի գալստեան ճանապարհը հարթեց:

Կաթողիկոս ձեռնադրութենէն ետք, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ իրեն հետ առնելով բազմաթիւ քահանաներ եւ Ս. Կարապետի (Յովհաննէս Մկրտիչ) եւ Աթանագինէս եպիսկոպոսի ոսկորներէն նշխարներ` վերադարձաւ հայրենիք:

4-րդ դարու սկիզբը Գրիգոր Լուսաւորիչ Կեսարիայէն բերած Յովհաննէս Մկրտիչի մասունքները ամփոփեց Մուշ քաղաքին մէջ գտնուող Դեմետրէ հեթանոսական կուռքի մեհեանին տեղ եւ զայն անուանեց Ս. Կարապետ: Իսկ ինք` Ս. Լուսաւորիչը ձգելով հայրապետական աթոռը` հաստատուեցաւ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը, սկիզբը Աւետեաց բլուրը` Անտոն եւ Կրոնիդէս անապատականներու մօտ, ապա տեղափոխուեցաւ Մանեա այրք:

Հայաստան աշխարհի երկրորդ մեծագոյն հոգեւոր կեդրոն` Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը` որպէս դպրութեան, գրչութեան եւ մշակութային կեդրոն, դարեր շարունակ ասպատակութիւններու թիրախ դարձաւ:

Վանքի պարիսպին մօտ գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի աղբիւրին ջուրերով, որուն քառասուն աւազանները, ըստ աւանդութեան, պատրաստել տուած է Տրդատ Գ. Մեծ թագաւորը, Գրիգոր Լուսաւորիչ բազում մկրտութիւններ կատարեց:

Հայ ժողովուրդի բանահիւսութեան մէջ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի շուրջ բազմաթիւ հրաշքներ եւ ուխտագնացութիւններ յիշատակուած են:

Հայ ժողովուրդը` որպէս ականատես եւ ականջալուր սոյն վանքի հզօր ազդեցութեանն ու զօրաւոր ուժի ներգործութեան, ամուր կառչեցաւ եւ փարեցաւ Յովհաննու Կարապետի տօնին` Յայսմաւուրքի մէջ ամենակարեւոր տեղը յատկացնելով հրաշագործ սուրբերու անվերջ դասին մէջ:

Յովհաննէս Մկրտիչ ինքնամոռաց նուիրումով կատարեց իրեն վիճակուած առաքելութիւնը: Այս տարի, երբ համայն հայերս` Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի, կը պատրաստուինք նշելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը, պէտք է միշտ եւ ամէնուր ի մտի ունենանք, որ աշխարհիկ իշխանութեան կորուստով հայը առաւել փարեցաւ եկեղեցական իշխանութեան` անոր մէջ որոնելով սփոփանքը այն բաղձալի կորուսեալին, որ պիտի վերականգնէր միայն 6-7 դար ետք, բազում զրկանքներու եւ զոհողութիւններու գնով, որովհետեւ հայ ժողովուրդը, որպէս մարդկային ցեղի ամենահին ձեւաւորուած ազգային տարր, շատ վաղ ժամանակներէն գիտակցեցաւ եւ ընդունեց Քրիստոսի ճշմարտութիւնը եւ պետականօրէն եղաւ առաջին հրաժարողը իր դաւանած բազմաստուածութենէն եւ Յովհաննէս Մկրտիչի յետնորդը դառնալով, ձեռամբ հայոց Լուսաւորչի, մկրտուեցաւ քրիստոնէական զուլալ ջուրով եւ սրբալոյս միւռոնով, դարձաւ Տիրոջ կողմէ օրհնեալ ժողովուրդ եւ ստեղծեց իր անկախ հանրապետութիւնը, որուն եռագոյնը կը ծածանի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին առջեւ:

 

 


Լոյս Տեսած Է «ՎԷՄ» Հանդէսի 2017 Թուականի Վերջին` Չորրորդ Թիւը

$
0
0

Լոյս է տեսել «Վէմ» հանդէսի 2017 թուականի վերջին` չորրորդ համարը, սովորականից աւելի մեծ` 326 էջ ծաւալով, ինչը հիմնականում պայմանաւորուած է անցնող տարուայ ընթացքում նշուած յոբելենական իրադարձութիւններին արձագանգելու եւ դրանց գիտական գնահատականներ տալու ցանկութեամբ: «Վէմ»-ի յոբելենական բնոյթ ունեցող հրապարակումներից վերջինը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Ա. Յովսէփեանցի ծննդեան 150-ամեակի հետ կապուած յօդուածաշարը, լոյս է տեսնելու յաջորդ` 2018 թուականին:

Դրանով հանդերձ, հանդէսի 2017 թուականի վերջին համարում տեղ են գտել հրապարակումներ, որոնց հիմնարար բնոյթը զուգորդւում է մի կողմից` քննարկուող նիւթի այժմէականութեան, իսկ միւս կողմից` հայեցակարգային ընդհանրացումների հետ:

Հայոց պատմութեան հին շրջանը վաղ միջնադարի հետ կապող ժամանակահատուածում արձանագրուած արժէքային հեղաբեկումների նորովի քննութեանն է նուիրուած անգլերէնով լոյս տեսած` Ալբերտ Ա. Ստեփանեանի «Արեւմտականացումը հին եւ վաղ միջնադարեան Հայքում» ուսումնասիրութիւնը: Իսկ Գեղամ Մ. Բադալեանի «Տայքի կենտրոնական եւ արեւելեան գաւառների ազգային նկարագիրը 16-րդ դարի վերջին» ուշագրաւ հրապարակումը փաստօրէն «փակում է» Վրաստանի, իսկ հետագայում` Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ անցած այդ հայկական երկրամասի ժողովրդագրական պատկերի վերաբերեալ հայ եւ վրացի գիտնականների շուրջ կէսդարեայ բանավէճը: Հիմնուելով հէնց վրաց գիտնականների հրապարակումների եւ երկրամասում նոր հաստատուած թուրքական իշխանութիւնների` «Գիւրջիստանի վիլայեթի ընդարձակ հարկացուցակի» համեմատական քննութեան վրայ, հեղինակը 16-րդ դարավերջի տեղանունների ու անձնանունների ծաւալուն աղիւսակների միջոցով անհերքելիօրէն ապացուցում է, որ Տայքը պահպանել էր իր բնիկ հայկական նկարագիրը նաեւ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան վաղ շրջանում:

Շարունակելով Ա. հանրապետութեան 100-ամեակին ընդառաջ տպագրուող «Պետականութեան մարտահրաւէրը» շարքը, «Վէմ» հանդէսը 2017 թուականի 4-րդ համարում տեղ է յատկացրել Արմէն Ա. Ասրեանի` «Արամ Մանուկեանի անհատականութիւնը որպէս պատմակերտ գործօն» ուսումնասիրութեանը եւ Արամ Ս. Սայիյեանի` «Տէրսիմը 1920 թ. թուրք-հայկական պատերազմի օրերին» ոչ մեծ հրապարակմանը, որում հայ պատմագիտութեան մէջ առաջին անգամ գիտական քննութեան են ենթարկւում 1920 թ. աշնան ամիսներին Հայաստանի Հանրապետութեան խորքերն արշաւող թուրքական բանակի թիկունքում բռնկուած, բայց այդպէս էլ հարկ եղած ձեւով չօգտագործուած` Քոչգիրիի ապստամբութեան դասերը:

2017 թուականի վերջին համարում տեղ են գտել նաեւ այլ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւններ ու փաստաթղթերի հրապարակումներ:

Բովանդակութիւն

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
Ո՞Վ Է ՀԱՅԸ

ՀԻՄՆԱՔԱՐԵՐ
Դաւիթ Ռ. Մոսինեան
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Ելենա Հ. Էթարեան
ՄԵՏԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՒ ՆՐԱ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Գեղամ Մ. Բադալեան
ՏԱՅՔԻ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳԱՒԱՌՆԵՐԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ XVI Դ. ՎԵՐՋԻՆ
Ըստ «Գիւրջիստանի վիլայեթի ընդարձակ հարկացուցակի»

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
Ալբերտ Ա. Ստեփանեա
ԱՐԵՒՄՏԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ ՀԻՆ ԵՒ ՎԱՂ ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ՀԱՅՔՈՒՄ
Պատմութիւն եւ պատմական գրոյթ (անգլերէն)

ԳՐԱԿԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Ալբերտ Ա. Մակարեան
Աստղիկ Վ. Սողոյեան
ՀԱՆՐԱՅԱՅՏ ՄԻ ՀԵՔԻԱԹԻ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
Շարլ Պերրօ, Գրիմ եղբայրներ, Յակոբ Պարոնեան

Մարինէ Դ. Ղազարեան
ԳԵՆԴԵՐԻ ՍՈՑԻԱԼԱԿԱՆ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐԸ
Յակոբ Օշականի «Խոնարհները» ժողովածուում

Խաչիկ Ա. Յարութիւնեան
ՀԱՅ ԲԱՌԱՐԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ` ԺԸ ԴԱՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԷՍԻՑ ՍԿՍԵԱԼ, ԵՒ ՀԱՅԵՐԷՆ ՁԵՌԱԳՐԵՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆՆԵՐԸ
Նորայայտ բառեր Ժ-ԺԲ դարերի յիշատակարաններից

ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Նարեկ Ա. Մկրտչեան
ԹԻՒՐՔԻԶՄԻ ԵՒ ԻՍԼԱՄԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ ՅԵՏԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՂԱԶԱԽՍՏԱՆՈՒՄ

ՄՇԱԿՈՅԹ
Ռուբէն Ս. Անգալադեան
ՆԱ, ՈՐ ՕՐՀՆՈՒՄ ԷՐ ՄԻԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ
Արա Շիրազի ցուցահանդէսի առիթով

ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ
Աշոտ Ն. Հայրունի
ԿԱՐԷՆ ՅԵՊՊԷԻ ՓՐԿԱՐԱՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ: ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԵԱՑՔ
Մաս առաջին: Մեծ մարդասէրի գործունէութիւնը Ուռհայում 199

Արարատ Մ. Յակոբեան
Ա. ՄԻԿՈՅԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ-ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՉԻ ԳՆԱՀԱՏՄԱՆ ՀԱՐՑԻ ՇՈՒՐՋ

ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Ռուսլան Ա. Ցակաեան
ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԻ ԱՆԿՄԱՆ ԽՈՐԵՆԱՑՈՒ ԵՒ ՍԵԲԷՈՍԻ ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐԸ

Յովհաննէս Գ. Խորիկեան
ԲԱԲԵԼՈՆԱԿԱՆ ՍԱՏՐԱՊՈՒԹԻՒՆՆ ԱՔԵՄԵՆԵԱՆ ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒՄ

ԳԻՏԱԳՈՐԾՆԱԿԱՆ- Պետականութեան մարտահրաւէրը
Մաս երկրորդ
Արմէն Ա. Ասրեան
ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՊԷՍ ՊԱՏՄԱԿԵՐՏ ԳՈՐԾՕՆ

Մաս երրորդ
Արամ Ս. Սայիյեան
ԴԵՐՍԻՄԸ 1920 Թ. ԹՈՒՐՔ-ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՕՐԵՐԻՆ
Քոչգիրիի ապստամբութեան դասերը

ԳՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Տիգրան Ս. Սիմեան
Ժենեա Քալանթարեան: Քննադատութիւնն իբրեւ գործնական գրականագիտութիւն: Ուսումնական ձեռնարկ

ԱՐԽԻՒ
Արամ Ա. Անտոնեան
ՆԻՒԹԵՐ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Րէս- Իւլ-Այնի կոտորածները
Հրատարակութեան պատրաստեց եւ առաջաբանն ու ծանօթագրութիւնները գրեց` Միհրան Ա. Մինասեան

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ
Վարդան Գ. Դեւրիկեան
ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐԻ ՄՇՏԱՆՈՐՈԳ ԼՈՅՍԸ
Մխիթարեան միաբանութեան` Վենետիկում հաստատուելու 300-ամեակի առթիւ

 

 

Խմբագրական «ՎԷՄ»-ի. Ո՞Վ Է Հայը

$
0
0

Իրականացրո՜ւ երազանքներդ: Այդ պահը եկել է:
ԿԱՊՐԻԷԼ ԿԱՐՍԻԱ ՄԱՐՔԵՍ

Երկրի զարգացման հետագայ ընթացքը լուսաւորող ընդհանուր համակեցական տեսլականի բացակայութիւնը հայաստանեան արդի հասարակութեան ներսում ինքնութենական ճգնաժամի պատճառ է դարձել:

Հայրենի հողի վրայ հայութեան նպատակների իրականացման համար Հայաստանը պէտք է դառնայ այն գրաւիչ ընկերային միջավայրը, որտեղ մեր ազգային երազանքները համադրւում են առաջադիմութեան մասին մարդկութեան պատկերացումները խտացնող` համամարդկային գաղափարների հետ: Դրանց բացակայութեան պարագայում համախմբման ներազգային աշխատակարգերը կը մնան սոսկ իբրեւ մեր պետական օրկանիզմի հետագայ քայքայումը քողարկող գեղեցիկ կարգախօսներ:

Անցեալի ժառանգութիւն հանդիսացող` ընդհանուր ծագման գիտակցումն ու քրիստոնէական արժեհամակարգը գոյատեւման միասնական կամքով են օժտում հայ հանրոյթին այնքան ժամանակ, քանի դեռ ուրուագծւում է ընդհանուր արտաքին վտանգը եւ դրա դէմ համախմբուելու, բռունցքուելու անհրաժեշտութիւնը: Ցաւօք սրտի, հայոց դիմադրական ոգին, Սասունցի Դաւթին օգնութեան հասնող Քեռի Թորոսի նման, արթնանում է միայն արտաքին վտանգի առարկայացման պահերին: 2016 թուականի ապրիլեան կարճատեւ, բայց արիւնահեղ պատերազմի օրերին մենք նորից դարձանք նման իրողութեան ականատեսը: Սակայն անմիջական ռազմական սպառնալիքի չէզոքացումից յետոյ ստիպուած էինք արձանագրել, որ հայաստանեան հասարակութիւնը նորից իր «մօր փորն ընկաւ»` այդպէս էլ չփորձելով խորանալ տեղի ունեցածի պատճառների մէջ: Դա գալիս է հաստատելու, որ մեր հասարակութիւնը պետական կեցութեան որոշիչների առկայութեան պայմաններում անգամ պահպանել է պետականազուրկ ազգի աւանդական մտածելակերպն ու փիլիսոփայութիւնը: Մինչդեռ ցանկացած հասարակութիւն կենսունակ է այնքանով, որքանով կարողանում է ապագայի որոշակի տեսլականի վրայ հիմնուած ամէնօրեայ նպատակային գործունէութեամբ ամրապնդել իր ներքին ուժի քանակական ու որակական ցուցանիշները:

Հայաստանի անկախացումից յետոյ անցած աւելի քան քառորդդարեայ ժամանակամիջոցում համակեցական ընդհանուր միջավայր ձեւաւորելու նպատակ ունեցող ներքին կամ ընկերային տեսլականի մասին այդպէս էլ լրջօրէն չենք մտածել: Մինչդեռ, երբ ոեւէ հաւաքականութեան մօտ բացակայում է իր համակեցական միջավայրի սեփական ընկալումը, նա կա՛մ դառնում է օտար միջավայրերից բխող արժէքների գերին, կա՛մ էլ հէնց ինքն է ձգտում դէպի այդ միջավայրերն ու արտագաղթում է: Այս պարզ իրողութեան ապացոյցները հայաստանեան ամէնօրեայ կեանքում ու կենցաղում արձանագրւում են հայերի «նորացուած», բայց օտար տեսակների բազմացման, այսինքն` հոգեւոր-բարոյական «արտագաղթի» տեսքով: Աւելի՛ն. նման շեղումների կրողը հանդիսացող խմբերն արդէն շատ արագ նկատում են մէկը միւսին եւ զանազան տգեղ բնորոշումների միջոցով վարկաբեկում են իրար: Դրանցից ամենատարածուածներն են ամբողջովին ամերիկեան վարուելակերպին տրուած` «կրանթակերներ», եւրոպական կենցաղի յոռի կողմերն ընդօրինակած` «կապոյտներ», ռուսական քրէաօլիկարխիայի գռեհիկ կենսակերպի երկրպագու` «ռուսուլմաններ» եւ այլ բնորոշումները:

Հիմնականում` արտաքին աղբիւրներից սնուող նման խմբերի` դրսից արագացուող «բուծման» պայմաններում մեզ` հայաստանցիներիս համար անյայտ է մնում, թէ ով է այդ դէպքում ժամանակակից ըմբռնումով հայը: Մինչդեռ արտաքին ներդրումների ու դրանցով պայմանաւորուած` գոյատեւման աղբիւրների բազմազանեցման հետ կապուած` մեր երկրի ներսում մեզանից օտարացող հայերի թիւը գնալով աճելու է` է՛լ աւելի պառակտելով Հայաստանի հասարակութիւնը: Որովհետեւ եթէ չես ցանկանում կամ չես կարողանում քո երկիրը դարձնել դրախտ, ապա ակամայից փնտռում ես օտար դրախտի բանալիները: Ուստի օտար դրախտ որոնողների միջեւ պայքարի սրումն ահազանգ է` սեփական դրախտի մասին մտածելու համար:

Մինչդեռ Հայաստանում այսօր դրախտն ու դժոխքը կողք կողքի են, որովհետեւ նա դարձել է ծայրայեղօրէն պուրժուական երկիր` իրեն բնորոշ ցցուն հակադրութիւններով, որտեղ աղքատը ցանկանում է օր առաջ հարստանալ, իսկ հարուստը` է՛լ աւելի բարգաւաճել: Եւ օրէնքով սահմանուած խաղի կանոնների փաստացի բացակայութեան պայմաններում Հայաստանում հիմնականում ցանկանում են մնալ նրանք, ովքեր այս կամ այն պատճառով դուրս են մնացել համընդհանուր պուրժուականացման գործընթացից: Բայց աւանդոյթին հաւատարիմ նման պահպանողական շերտերի վրայ հիմնուող հասարակութիւնը չի կարող ունենալ ընդհանուր համակեցական տեսլական, որի կրողները կարող են լինել միայն նրանք, ովքեր նոր յարաբերութիւններն ընկալում են նրանց տինամիզմ հաղորդող յառաջադիմական մեկնակէտից:

Աւելի՛ն. եթէ փորձենք ներկայացնել հայաստանեան արդի հասարակութեան ձգտումների խորքային կառուցուածքը, ապա կը տեսնենք, որ բացի գիւղացիութեան ու մտաւորականութեան որոշ շերտերից եւ զինուորական խաւի մի մասից` այն փաստօրէն ամբողջովին հաճոյապաշտական բնոյթ ունի: Կովկասեան թամատայութիւնները, քէֆերը եւ աւելի արդիական ու սանձարձակ զուարճանքները իբրեւ բարձրագոյն արժէք ընկալող նման հասարակութեան կողմից դաստիարակուող երիտասարդ սերունդը նոյնպէս վարակւում է նոյն ախտերով: Եւ դրանում նա որեւէ մեղք չունի, քանզի անցած քառորդ դարի ընթացքում փոխուել է մեր ժամանակի հերոսը:

Մինչդեռ մեր ազատութեան համար նահատակուած հերոսները զոհուել են ոչ թէ Հայաստանը վայելքների երկրի վերածելու, այլ` հայրենիքի լուսաւոր ապագայի համար: Արդեօ՞ք սա է նրանց երազած Հայաստանը, երբ հայի հաճոյապաշտական նպատակները է՛լ աւելի անսանձ ձեւով հնարաւոր է իրականացնել Հայաստանից դուրս: Բայց քանի որ մեր երկրում նոյնպէս սկսել է գործել Արիստոտելի ժամանակներից յայտնի օրինաչափութիւնը` ցանկացած հասարակութեան ներսում գերակայում են իշխող դասակարգին բնորոշ արժէքները, ապա ստեղծուած կացութեան ախտորոշումը յստակ է` հայաստանեան համակեցական միջավայրի բարեփոխման խնդիրն այսօր բախւում է նորելուկ պուրժուազիայի դիմադրութեանը:

Ուրեմն ինչպէ՞ս դուրս գալ այս լաբիւրինթոսից, երբ այլեւս հնարաւոր չէ հանդուրժել երկրի զարգացման համար բացուող մեծ հնարաւորութիւնների եւ դրանց իրացմանը խոչընդոտող արգելքների զուգահեռ գոյակցութիւնը: Հայաստանն առաջիկայ տարիներին կարող է յիրաւի թռիչքաձեւ զարգացում ապրել, եթէ իրացուեն այդ հնարաւորութիւնները, բայց կարող է նաեւ յայտնուել արտաքին պարտքերի ու անխուսափելի տեֆոլթի դիմաց իր վերջին հարստութիւններն ու անկախութիւնը վաճառելու վտանգի առջեւ: Ուրեմն ո՞րն է այն յենման կէտը, որն առաջիկայում թոյլ կը տայ իրադարձութիւնների զարգացումը հունաւորել առաջին ուղղութեամբ:

Մեր կարծիքով, հայաստանեան արդի հասարակութեանը համակած ինքնութենական ճգնաժամի յաղթահարման առաջին քայլը երկրի համընդհանուր պուրժուականացման հակաթոյնը հանդիսացող աշխատաւորական Հայաստանի ընկերային տեսլականի յստակեցումն է: Որովհետեւ նորելուկ պուրժուազիայի կողմից իրաւազուրկ սպասաւորների, իսկ որոշ դէպքերում պարզապէս ստրուկների վերածուող հայ աշխատաւոր դասակարգի` որպէս մէկ ամբողջութեան, իրաւունքների պաշտպանութեան խնդրի տեղատուութիւնն է հայոց համակեցական միջավայրի ձեւաւորման առաջնային խոչընդոտը: Հայաստանում հող մշակող, տուն կառուցող, երեխաներ կրթող կամ իր համակարգչի վրայ տեղեկատուական հասարակութեան ձեւաւորմանն ուղղուած առաջին քայլերն անող գիւղացին, բանուորը, ուսուցիչը կամ գիտնականը` որպէս աշխատաւորներ, առաջին հերթին բախւում են արդարութեան բացակայութեան փաստին: Նման արդարութիւնը պահանջում է հաւասար հնարաւորութիւնների վրայ հիմնուած ազատ մրցակցութեան դաշտի ապահովումը զուգորդել յաւելեալ արդիւնքի բաշխման այնպիսի մեքանիզմների հետ, որոնք, զսպելով աշխատատուի հաճոյապաշտական ձգտումները, դրանք ուղղորդում են դէպի բանական պահանջմունքների ոլորտ:

Աշխատաւոր մարդու իրաւունքների պաշտպանութիւնը հարկ է տարանջատել նաեւ բարեգործութիւն անելու` աշխատատուի բարի ցանկութիւնից: Նման իրաւունքները պէտք է երաշխաւորուեն պետութեան կողմից, որովհետեւ հասարակութեան ունեւոր խաւն այս կամ այն կերպ ապահովում է յառաջդիմութիւնը (մեր պարագայում` տնտեսութեան քանակական չափորոշիչների աճի տեսքով), բայց վերջինիս համընդհանրացման խնդիրը կարող է լուծուել նրա արդիւնքների իւրացման շրջանակն ընդլայնող ներդաշնակ համակեցական միջավայրում: Այս ներքին նմանակութեան ձեւաւորման գործընթացում է առաջ գալու սեփական ինքնութեան նոր ընկալումը` երկրի տիրոջ զգացողութիւնը, որն ազգային յիշողութիւնը փոխակերպում է այժմէականութեան թրթռացող կենսակշռոյթների: Մենք կանգնած ենք հայրենասէրից քաղաքացու վերածուելու գործընթացի ճիշդ մէջտեղում, ուստի Հայաստանի տնտեսութեան ու դրանից բխող հարստութեան աճի հետեւանքով մեր երկիրը ոչ թէ զարգանում է, այլ` լճանում: Ուրեմն հայաստանեան հասարակութեան պուրժուականացումն աստիճանաբար վերածւում է ազգային ինքնութեան ճգնաժամի, որովհետեւ նորացման գործընթացում բացակայում է յառաջդիմութիւնն «ազգայնացնողը», հայկականութեան իրական կրողը` աշխատաւորը:

Դա է պատճառը, որ մեր աչքերի առջեւ դատարկուող երկրում ձեւաւորուել է մի գերհարուստ խաւ, որն իր զուարճանքի վայրերում արջեր կամ առիւծներ պահելու փոխարէն` շուտով թերեւս անցնելու է փղերի բուծմանը: Եւ այդ անհեթեթութեան ականատես հայաստանեան հասարակութիւնը փոշիանալու է վերը նշուած` ամերիկեան «կրանտակերների», եւրոպական «կապոյտների», գռեհիկ «ռուսուլմանների», թուրքական մեղեդիների հայ երկրպագուների, իսկ շուտով հնարաւոր է` չինացու տեսք ընդունող «եամենիների» բազմութեան մէջ:

Բայց հարկ է նաեւ խոստովանել, որ մեր գերհարուստ խաւն այսօր ուրիշ անելիք էլ չունի, քանի որ նրա «հայրենիքը» փողն է: Քանզի հողի իրական տէրն այն մշակող աշխատաւորն է, որը պէտք է վերականգնի սեփական իրաւունքները:

Խօսքն այստեղ մէկ առանձին երկրում պարփակուած ներամփոփ «հայկական համայնավարութիւն» կառուցելու, կամ էլ հայկականութիւնը օտար ազդեցութիւններից կատարելապէս զտելու մասին չէ: Ողջ հարցն այն է, որ քաղաքական մանուածապատ դեգերումների արդիւնքում օտարուել ենք ինքնութեան հարցի հանրային բանավէճից եւ, հետեւաբար, երազանքներ ձեւակերպելու հմտութիւնից: Ուրեմն ներկայումս հարկաւոր է ոչ թէ «քոչարի պարելու» ունակութեամբ գնահատել դիմացինի հայ լինելու չափը, այլ որոշարկել մեր պետական համակեցութեան ընկերային պայմանները եւ ըստ այդմ` ուրուագծել այն ընդհանուր ապագայի տեսլականը, որում արդէն ձանձրալի դարձող «դհոլ-զուռնային» կը փոխարինի մեր նոր Խաչատրեանների բարձրարժէք երաժշտութիւնը…

Ցայսօր հայ իրականութեան մէջ ինքնութեան հարցը հիմնականում դիտարկուել է մի տեսանկիւնից միայն, այն է` հայկական ինքնութիւնը լոկ պարգեւ է: Թէեւ շատ աւելի կարեւոր է այն գիտակցել իբրեւ առաջադրանք: Ինքնութեան` իբրեւ առաջադրանքի տեսլապաշտ հայեցակերպն է, որը մեզ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռի սրբագրել հայի` որպէս սոսկ դիմադրողի կամ արձագանգողի ներկայիս կաղապարը` փորձելով ծնունդ տալ ներսից-դուրս գործունէութիւն ծաւալող քաղաքացուն, որի պետական տեսլականը միաւորելու է մեզ իբրեւ ազգ: Պուրժուազիան նման տեսլական չունի, քանի որ իր խորքային էութեամբ աշխարհաքաղաքացի է: Ուստի երբ նրա այս կամ այն ներկայացուցիչին այսօր պատւում ենք «մեծ հայ» բնորոշմամբ, մոռանում ենք, որ համայնքից արդէն վերածուել ենք պետութեան, որի մեծութիւնը կախուած է երկիրը կառուցողի ու պաշտպանողի պաշտպանուածութիւնից: Պետականութեան պայմաններում մեծ հայը հայ ժողովուրդն է, որի աղքատ զաւակները վերջերս ապացուցեցին այդ իրողութիւնը` հրաշքներ գործելով թշնամու հետ արիւնոտ ռազմաբախումների ընթացքում: Մեծ Հայքի երազանքն անաղարտ պահած ժողովրդի այս անկոտրում ոգին իրական ու առարկայական «Մենք»-ի վերածելու համար անհրաժեշտ ընկերային արդար միջավայրից է ծնուելու մեր ազգային ինքնութեան նոր ընկալումը:

Ուրեմն ներկայ իրավիճակում Հայաստանում ընկերային արդարութեան պահանջն այլեւս սովորական կարգախօս չէ, այլ` համակեցական միջավայրի ձեւաւորման խնդիր, ինչը որպէս ազգային-պետական առաջադրանք` մեր նոր ինքնութեան յստակեցման նախապայմանն է:

Աւելի՛ն. պատերազմի սպառնալիքի ներկայ չէզոքացումը ժամանակային առումով երկարելու դէպքում հայոց աւանդական հերոսականութիւնը նոյնպէս աստիճանաբար մոռացութեան է մատնուելու, եթէ ազգի դիմադրական ոգուն բնորոշ կենսական եռանդը չփոխակերպուի ստեղծագործական վերելքի: Ուստի գիտակցելով, որ ներկայ խաղաղ ընդմիջումն Աստծոյ պարգեւ է` իբրեւ բարենպաստ ժամանակ, հարկաւոր է ամբողջական կերպով օգտագործել այդ հնարաւորութիւնը` հայոց ընկերային կառոյցի փիլիսոփայութեան մշակման եւ դրա հիման վրայ հայաստանեան հասարակութեան ինքնութենական ճգնաժամի յաղթահարման համար:

Ռազմավարական հեռանկարի առումով` ժամանակի միջին տեւողութեան ծիրում, սա նոյնպէս ազգային անվտանգութեան ապահովման հարց է, ինչպէս սահմանների պաշտպանութեան` օրախնդիր առաջադրանքը:

Ակնարկ. Զգուշացման Ազդերու Հիմնական Տարբերութիւնը

$
0
0

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 10 յունուարին ներկայացուցած է ճամբորդութիւններու ապահովութեան մասին քաղաքացիներու իրազեկումի նոր համակարգ մը, ուր կը նշուի, որ Ազրպէյճան այցելողները պէտք է «յաւելեալ նախազգուշութիւններու» դիմեն. խորհուրդ կը տրուի հոն ճամբորդելու պարագային միշտ տեղեկացուած ըլլալու ապահովութեան սպառնացող վտանգներուն մասին եւ խիստ զգուշութիւն պահպանելու` միշտ նկատի ունենալով ահաբեկչութեան հաւանականութիւնը, յատկապէս երկրին կարգ մը շրջաններուն մէջ:

Միեւնոյն զեկուցումին մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Արցախ չայցելելու կոչ ուղղած է իր քաղաքացիներուն` նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ հոն յաճախակիօրէն կ՛արձանագրուին զինեալ եւ նոյնիսկ հրթիռային ընդհարումներ:

Նաեւ, զգուշացումներուն մէջ կը յանձնարարուի հեռու մնալ յատկապէս սահմանային շրջաններէն եւ կը շեշտուի, որ ամերիկեան կառավարութիւնը կարելիութիւնը չունի Արցախ գտնուող ամերիկացի քաղաքացիներուն օգնութեան հասնելու, որովհետեւ ամերիկացի պաշտօնատարներուն արգիլուած է Արցախ մուտք գործել` ակնարկելով Արցախ չայցելելու Պաքուի ազդարարութեանց:

Արցախի վերաբերող ամերիկեան որոշումի աւելի վերլուծական հայեացքը կ՛ընդգծէ որոշ պաշտօնական ընկալումներ:

Այսպէս. Արցախ այցելելու վտանգաւորութիւնը այս պարագային կը վերագրուի կիսապատերազմական իրավիճակին: Կը նշուին զինեալ եւ հրթիռային ընդհարումները, որոնցմէ զերծ մնալու համար խորհուրդ կը տրուի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն չայցելել Արցախ:

Աւելի մասնաւորելով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը ճշդէ շփման գիծի գօտին կամ սահմանային շրջանները, ուր ի պահանջել հարկին ամերիկեան կառավարութիւնը կարելիութիւնը չունի իր քաղաքացիներուն օգնութեան փութալու:

Երբ կը նշուի, որ ամերիկացի պաշտօնատարներուն արգիլուած է այցելել Արցախ` նշելով Պաքուի կողմէ փոխանցուած ազդարարութիւնները, կը նշանակէ, որ արգելքը կը վերաբերի միայն պետական պաշտօնեաներուն, մինչ քաղաքացիներուն պարզապէս կոչ կ՛ուղղուի զգուշանալու այցելելէ, ինչ որ պարտադիր բնոյթ կամ օրէնքի կարգով արգելք չ՛ենթադրեր: Տակաւին. նոյնիսկ պետական պաշտօն ունեցողներուն համար նման արգելքի հարցը թէական իմաստ ունի. երբ նահանգային մակարդակի վրայ սկսած է եւ շարունակելի բնոյթ ունի Արցախի անկախութեան ճանաչումը, առնուազն տարակուսելի կը դառնայ նահանգային եւ քաղաքային մակարդակներու վրայ գործող եւ պետական կառոյցներուն մաս կազմող անձնաւորութիւններուն նման արգելքի կիրարկելիութիւնը:

Մինչ, միեւնոյն յայտարարութեան մէջ Ազրպէյճան կը դասուի ահաբեկչական կարողականութիւն ներփակող աշխարհագրական տարածք, ուր թիրախ են հասարակական վայրերը: Այստեղ եւս կոչը նախազգուշական է:

Տարբերութիւնը հիմնական է. Արցախի պարագային զգուշացումը  կիսապատերազմական իրավիճակի հաւանական հետեւանքներուն մասին է, եւ կը կեդրոնանայ յատկապէս սահմանային գօտիին վրայ, մինչ Ազրպէյճանին վերաբերող ազդը ուղղակի աշխարհի այսօրուան սպառնալիքին ահաբեկչութեան հետ կապուած է. եւ երբ չի ճշդուիր ահաբեկչական տարրերու Ազրպէյճան ներթափանցումի երեւոյթը, այդ կը նշանակէ նաեւ, որ Ազրպէյճան ինք ահաբեկչութիւն արտադրող երկիր կրնայ նկատուիլ, յատկապէս զգուշացումի խստութիւնն ու ընդգծումները նկատի ունենալով:

Միացեալ Նահանգները ահաբեկչութիւն-հակաահաբեկչութիւն բեւեռներու շուրջ կը փորձեն ձեւաւորել այսօրուան աշխարհակարգային խնդիրները: Երկիրներու դասակարգումներն ու անոնց կապուած քաղաքականութեան մշակումը այսօր առաջին հերթին այս պիտակաւորումները նկատի կ՛ունենայ եւ այս առանցքին շուրջ կ՛ուրուագծուի: Ազրպէյճանի պարագային ահաբեկչութեան վտանգին առընթեր Ուաշինկթընը վստահաբար գիտէ, բայց այժմ այդ մասին չի բարձրաձայներ, որ Պաքուն ինքը իբրեւ ռազմաքաղաքական համակարգ ահաբեկչական պետական միաւոր է: Քաղաքական շահերու բախման հետագայ որեւէ կէտին, ներքին ահաբեկչական կարողականութեան առընթեր իբրեւ զգուշացում անպայման կ՛ընդգծուի նաեւ ազրպէյճանական պետական ահաբեկչութիւնը:

«Ա.»

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Յունուար Ա. – 2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով

$
0
0

Հակառակ սուրիական տագնապի համեմատական մեղմացման` Նոր տարին տարածաշրջանին մէջ նոր լարուածութեան սրումով բացուեցաւ:

Սուրիոյ մէջ զինեալ բախումները մեծ համեմատութեամբ նուազեցան, սակայն արտաքին ազդակներու վերացումը տակաւին կը յամենայ: Միացեալ Նահանգներու տարածաշրջանէն ներս իրենց նուազագոյն շահերը ապահովելու համար կը շարունակեն օգտագործել քրտական գործօնը, իսկ Թուրքիա` Իտլիպի իր լծակները:

Իրանի մէջ զարգացող դէպքերը եւս իրենց անդրադարձը պիտի ունենան տարածաշրջանին վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով Իրանի մեծ ազդեցութիւնը` Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն վրայ:

Իրան առանցքային դեր կը խաղայ Մերձաւոր Արեւելքի ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութեան պահպանման մէջ, ուժեղ ազդեցութիւն ունի Լիբանանի մէջ, իրաքեան առանցքին վրայ Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր մրցակիցն է, սուրիական տագնապի լուծման մէջ որոշիչ դեր ունի, իսկ Եմէնի մէջ  Սէուտական Արաբիոյ ազդեցութեան նուազեցման նպաստող գլխաւոր գործօնը կը հանդիսանայ:

Արաբական «գարուն»-ի հրահրման օրինակները Իրանի մէջ եւս յստակ կ՛երեւին: Այս բոլորին լոյսին տակ, Իրանի ներկայ իշխանութիւնները բնականաբար ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երկիրը զանգուածային անկարգութիւններէ զերծ պահելու եւ Սուրիոյ մէջ պատահածին կրկնութիւնը չարտօնելու, յատկապէս` տարածաշրջանի երկիրներու միջամտութենէն զգուշանալու համար:

Իրանի մերձակայքը գտնուող երկիրները, սակայն, իրանեան տագնապի հրահրումով այնքան ալ չեն շահագրգռուած,  որովհետեւ նման պարագայի իրենց երկրի կայունութիւնը եւս վտանգի պիտի ենթարկուի:

Ռուսիա բնականաբար դէմ պիտի արտայայտուի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հրահրումով ծնունդ առած նման շարժումի, Թուրքիա` նոյնպէս, յատկապէս որ ան կը շարունակէ կրել Սուրիոյ դէպքերուն միջամտելու իր ձախաւերութեան հետեւանքը` իր իսկ երկրին սահմանային ապահովութեան խախտումով:

Իրանի հիւսիսը Հայաստանն է, որուն համար եւս կարեւոր է Իրանի կայունութեան պահպանումը: Իրան-Հայաստան քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացման նոր փուլ մտան վերջին շրջանին: Արցախեան հարցով Իրան մշտապէս որդեգրած է հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն:

Հաւանաբար Սէուտական Արաբիան կը հանդիսանայ միակ օգտուողը ստեղծուած այս կացութենէն` Եմէնի մէջ Իրանին դէմ իր ազդեցութեան գօտին ընդարձակելու առումով:

Իրանի իշխանութիւնները ամէն գնով կը փորձեն ու պիտի փորձեն անսալ ժողովուրդի պահանջին` արտաքին ազդակներու ազդեցութիւնը նուազագոյնի հասցնելու համար:

Ահաբեկչական խմբաւորումներու, յատկապէս` ՏԱՀԵՇ-ի պարտութենէն ետք, շրջանը բռնկումի առաջնորդելու Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի այս նոր փորձը, արդիւնքի չհասնելու պարագային անգամ, պիտի երկարաձգէ տարածաշրջանի տագնապներուն վերջնական լուծումը, կամ վերատեսութեան ենթարկէ լուծման տարբերակները:

Տարածաշրջանի հայ համայնքներուն համար ալ անակնկալ զարգացումներով յղի տարի մը կրնայ ըլլալ: Նախորդ տարիներու փորձառութիւնը, սակայն, միեւնոյն ռազմավարութեամբ շարժելու հրամայականին դէմ յանդիման կը դնէ զիրենք` ջատագովը հանդիսանալու ժողովուրդներու արդար պահանջին, առանց ներքաշուելու արտաքին լծակներու ազդեցութեան մէջ:

«Գ.»

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի.- «Նոր Յառաջ»-ի Կայքը

$
0
0

Տարեշրջան մըն ալ անցաւ: Նոր տարեմուտին լաւագոյն բարեմաղթութիւններ` մեր բոլոր ընթերցողներուն, որոնք խմբագրութեանս հետ ճամբորդեցին տարի մը եւս:

Անցեալ տարի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային իրադարձութիւնները շատ հարուստ էին, բազմազան: Տպագիր մամուլի սահմաններուն մէջ խմբագրութիւնս իր տեղեկատուական պարտաւորութիւնները կատարեց, տուն տուաւ մտաւորական դէմքերու խոհերուն, տեսակէտներուն, անդրադարձաւ մշակութային երեւոյթներու: Սակայն

այժմէական տեղեկատուական ճարտարագիտական յառաջխաղացքը կը պարտադրէ նորարարական միջոցներու որդեգրումը` մեր ընթերցողներուն հետաքրքրութիւնը գոհացնելու, նոր ընթերցողներ ներգրաւելու համար, ինչպէս նաեւ նոր եկամուտի աղբիւրներ ձեռք ձգելու` գանձատրել կարենալու համար նորարարութիւնները:

Լրասփիւռներու գործը դադար չունի, սահմանը` անոր աշխատուժին կարողութիւնն է:

Թուային աշխարհը բազմապատկած է լրատու միջոցներու լուր փոխանցելու, լուր տարածելու կարելիութիւնները: Եթէ մինչեւ այժմ «Նոր Յառաջ» դեռ չէր թեւակոխած թուային աշխարհը, հիմնական պատճառը կարող մարդուժի պակասն էր եւ` անոր պատրաստութեան համար պահանջուած երկար ժամանակը: Սփիւռքի պայմաններուն մէջ մարդուժի եւ նիւթական մեծ ներդրումի կարիք կայ նման ոստում մը կատարելու համար, մանաւանդ` «Նոր Յառաջ»-ի նման փոքր ընկերութեան պարագային, որ կը յանդգնի մնալ անկախ` արեւմտահայերէնը եւ դասական ուղղագրութեան գործածութիւնը կենսունակ պահպանելու մտադրութեամբ:

Ինչպէ՞ս մուտք գործել այդ տարածքը` առանց ցնցուելու, առանց տնտեսապէս անյաղթահարելի դժուարութիւններու առջեւ գտնուելու: «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան օժանդակութեամբ կարելի եղաւ անցեալ երեք տարուան ընթացքին նախնական փորձարկումներ կատարել: Կարելի եղաւ երկլեզու թերթի հրատարակութիւնը հիմնաւորել: Պահն է նաեւ երկլեզու կայքէջ մը ապահովելու: 2018 տարեշրջանը պիտի դիմաւորենք թուային աշխարհ մուտք գործելով: Յոյսով ենք, որ այս նոր էջը «Նոր Յառաջ»-ի գործունէութիւնը կ՛ամրապնդէ եւ անոր ընթերցողներուն շրջանակը կ՛ընդլայնէ, ինչպէս նաեւ անոր առաքելութեան հաւատացողներու թիւը կը մեծցնէ, որպէսզի ան նպաստէ ֆրանքեւհայկական, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպա յարաբերութիւններու զարգացման, հայկական աշխարհի տեղեկատուութեան շրջանառութեան ծաւալումին, մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան միջեւ նոր կապերու ստեղծման: Այս քայլը կարեւոր է նաեւ արեւմտահայերէնի եւ դասական ուղղագրութեան գործածութեան աւելի լայն շրջանակ ստեղծելու տեսանկիւնէն: Եւ նկատի ունենալով ֆրանսերէն լեզուով հայկական կայքէջերու հազուագիւտ հանգամանքը` ֆրանսախօս հասարակութեան համար ֆրանսատառ հայկական նոր լրատու

կայքէջի մը հաստատումը անհրաժեշտութիւն է:

Ժ. Չ.

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.- Սուլթանամէտ Էրտողանի Կարմիրծովեան Ոտնձգութիւնը

$
0
0

Երուսաղէմի մայրաքաղաք հռչակման շուրջ ծագած սուր բանավէճն եւ Թեհրանի ու Իրանի այլ մեծ քաղաքներու մէջ կազմակերպուած «գարնանային» յեղափոխութիւն բուրող խլրտումները մոռացութեան մատնած ու լուսանցքի տակ առած են այդ օրերուն պատահած այլ դէպք մը, որուն մասին տեղին է մելան հոսեցնել:

Արդարեւ, դեկտեմբեր 24-ին, երբ Արեւմուտքը կը պատրաստուէր տօնելու Ս. Ծնունդը, Սուտանի մայրաքաղաք  Խարթումի միջազգային օդակայանին պատուոյ բեմահարթակը բացուած ու կարմիր գորգ փռուած էր: Նախագահ Օմար Պաշիր անձամբ եկած էր դիմաւորելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, որ երկօրեայ այցելութեամբ եւ բազմաթիւ համաձայնագրեր ստորագրելու ճոխ թղթածրարով մը ժամանած էր:

Մէկ բան յստակ էր. Թուրքիոյ սուլթանամէտ նախագահը շինարարական, երկրագործական եւ տնտեսական բազմաթիւ համաձայնութիւններու կողքին, նաեւ այլ ծաւալապաշտ գաղափարներ ունէր, որոնք յստակօրէն բացայայտուած էին: Ան ժամանած էր Ափրիկէի խորերը` իր իւրայատուկ համաթուրանական երազներու մէկ այլ օղակ կամրջելու: Այսպէս, հակառակ իր կարճ այցելութեան, ան ժամանակ տրամադրած էր հիւրընկալ երկրի նախագահին հետ միասնաբար այցելելու ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող Սաուաքին կղզին, որ դարեր առաջ եղած է բանուկ նաւահանգիստ մը: Հաւանաբար դեռ այսքանն ալ ո՛չ մէկ հարցադրումի դուռ կը բանայ եւ բնական կը նկատուի, որ նմանօրինակ ուղեւորութիւն կատարուի:

Սակայն այս կորսուած կղզեակին կատարուած այցելութեան ետին այլ հաշիւներ կային, որոնք քանի մը ժամ ետք բացայայտուեցան, երբ Խարթումի մէջ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, սուլթանամէտ Էրտողանը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Սուտանի պետութիւնը Կարմիր ծովուն մէջ գտնուող այդ հողաշերտը յանձնած է Թուրքիոյ հոգատարութեան, եւ շուտով շինարարական աշխատանքներ պիտի սկսին, նախապէս օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուած այս կղզին վերակառուցելու եւ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու` պատմական փառքին արժանի վիճակի հասցնելով:

16-րդ դարուն Սաուաքինը կը գտնուէր օսմանեան տիրապետութեան տակ եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ 19-րդ դար, որմէ ետք, նախքան Սուտանի տիրապետութեան տակ անցնիլը, կարճ ժամանակով եգիպտացիք իշխեցին: Հոն նոյնիսկ ղպտի փոքրամասնութիւն մըն ալ եկեղեցի  կառուցեց:

Թէեւ Էրտողան կը շեշտէ, որ Անգարայի փափաքածը Սուտանի` Կարմիր ծովու ափերուն վրայ ռազմակայան մը չէ, այլ` այս կղզիին վրայ գտնուող օսմանեան աւերակները, սակայն այս որոշումը պիտի անհանգստացնէ հիւսիսի դրացիները` Սէուտական Արաբիան եւ մանաւանդ Եգիպտոսը, որուն յարաբերութիւնները Անգարայի հետ 2013-էն ի վեր պաղած են, իսկ այդ տարածաշրջանին մէջ միշտ հարցեր ունի հարաւի իր դրացիին հետ:

Բնականաբար Սաուաքինի վերակառուցումով, զբօսանաւերու կողքին, նաեւ թրքական դրօշ պարզած մարտանաւերու եւ ծովուժին պատկանող այլ միաւորներու այցելութիւնները յաճախակի պիտի դառնան:

 

Լոյս Է Ընծայուել Մելինէ Անումեանի «Ճանաչում Եւ Դատապարտում. Երիտթուրքերի Դատավարութիւնները (1919-1921 Եւ 1926 Թթ.)» Գիրքը

$
0
0

ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, փրոֆեսէօր

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` Անթիլիասի տպարանը հրատարակած է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի աւագ գիտաշխատող, թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեանի «Ճանաչում եւ դատապարտում. երիտթուրքերի դատավարութիւնները (1919-1921 եւ 1926 թթ.)» մենագրութեան անգլերէն թարգմանութիւնը:

Գիրքի թարգմանութիւնը եւ հրատարակումը հովանաւորած է Պէյրութի մէջ գործող «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամը»: Գիրքի թարգմանիչն է քաղաքագիտութեան դոկտոր ողբացեալ Արա Գաբրիէլեանը, իսկ անգլերէն հրատարակութեան խմբագիրը` Արեւիկ Գաբրիէլեանը: Գիրքի գրախօսներն են Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, փրոֆեսէօր Աշոտ Մելքոնեանը եւ թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Արսէն Աւագեանը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Աշոտ Մելքոնեանի գրախօսութիւնը`  Մելինէ Անումեանի «Ճանաչում եւ դատապարտում. երիտթուրքերի դատավարութիւնները (1919-1921 եւ 1926 թթ.)» աշխատութեան անգլերէն հրատարակութեան կապակցութեամբ:

Հայ գիտաքաղաքական շրջանակները Հայոց ցեղասպանութեան թուրքական ժխտողականութեան դէմ հետեւողական պայքար են մղում երկար տարիներ: Այդ հարցում հայկական կողմի անզիջում պահուածքը պայմանաւորուած է թուրքական կեղծարարութիւնը բացայայտելու, ճշմարտութիւնը համաշխարհային հանրութեանը հասցնելու մտահոգութեամբ: Սակայն տարուող երկարատեւ ու դժուարին պայքարում հայկական զանազան կառոյցներ ակամայից մոռացութեան տալով Մեծ եղեռնի հետեւանքների վերացման, այն է` հատուցման հասնելու կենսական խնդիրը, աւելի շատ ընթացել են ճանաչման հարցի հետապնդման ճանապարհով, որի կարեւորագոյն բաղադրամասերից է եղել տարբեր երկրների խորհրդարանների կողմից Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը փաստող եւ դատապարտող բանաձեւերի ընդունումը:

Իրականութիւնն այն է, որ արդէն Ա. Աշխարհամարտի տարիներին հայ ժողովրդի նկատմամբ երիտթուրքերի իրականացրած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը կասկած չէր յարուցում ժամանակի համաշխարհային հասարակայնութեան շրջանում: Պատահական չէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման գործընթացի սկիզբը համարւում է Անտանտի երկրների` Ռուսաստանի, Մեծն Բրիտանիայի եւ Ֆրանսայի կողմից 1915թ. մայիսի 24-ի համատեղ յայտարարութիւնը, որում օսմանեան իշխանութիւնները մեղադրւում էին հայերի նկատմամբ իրականացուող զանգուածային կոտորածների մէջ, եւ այդ ոճրագործութիւնը որակւում էր որպէս մարդկութեան ու մարդկայնութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն:

Շուտով` պատերազմում Օսմանեան կայսրութեան պարտութիւնից յետոյ թուրքական հասարակութեան շատ շերտեր եւս ձեռնամուխ եղան երիտթուրքերին մեղադրանք ներկայացնելու գործին: 1919-1921 թուրքական ռազմական ատեանները դատական գործ սկսեցին իթթիհատական կուսակցութեան պարագլուխների նկատմամբ: Ի թիւս բազմաթիւ, այդ թւում` կայսրութեանը պատերազմի մէջ ներքաշելու մեղադրանքների, դատարանները երիտթուրք ամբաստանեալներին մեղադրեցին հայերի եւ այլազգիների զանգուածային կոտորածներ կազմակերպելու համար:

Պատահական չէ, որ շատ հայ հետազօտողներ, գիտակցելով օսմանեան վերոյիշեալ ռազմական ատեանների սկսած դատական գործընթացների, դրանց ընդունած վճիռների գիտաճանաչողական կարեւորութիւնը, յաճախ են անդրադարձել այդ խնդրի լուսաբանմանը` իրաւացիօրէն այդ իրադարձութիւնները գնահատելով որպէս թուրքական պաշտօնական շրջանակների կողմից Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման իրողութիւն: Նման հետազօտողների մէջ արդէն իր հաստատուն տեղն ունի երիտասարդ թուրքագէտ, շնորհալի պատմաբան Մելինէ Անումեանը:

Ուրախալի է, որ կարեւորելով յատկապէս օտարալեզու ընթերցողի համար խնդրոյ առարկայ նիւթի գիտաքաղաքական նշանակութիւնը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական խորհուրդը ձեռնարկել է սոյն աշխատութեան թարգմանութիւնն ու հրատարակութիւնը անգլերէնով:

Անումեանի գրքի անգլերէն տարբերակի տպագրութեան առնչութեամբ կ՛ուզէինք մեր գոհունակութիւնը յայտնել նաեւ այն պատճառով, որ սոյն աշխատութեան թարգմանութեան պատասխանատու եւ շատ շնորհակալ գործն իրականացրել է մեր վաղեմի բարեկամ, ճանաչուած հասարակական-կուսակցական գործիչ, իսկական հայ մարդ, արծարծուող խնդրին քաջատեղեակ Արա Գաբրիէլեանը: Տարիներ առաջ նա առանձնակի ոգեւորութեամբ էր ձեռնամուխ եղել այս գործի թարգմանութեանը. յաճախ էր խօսում մեր համազգային գործերում կատարուող աշխատանքի պահանջուածութեան մասին: Նա ամենայն բծախնդրութեամբ էր իրականացնում թարգմանութիւնը` ժամանակի եզրաբանութեանը հաւատարիմ մնալու, անգլալեզու ընթերցողին հեղինակի ասելիքը ճիշդ հասցնելու, խնդրի էութիւնը խորապէս բացայայտելու մտահոգութեամբ:

Աւա՜ղ, Արա Գաբրիէլեանին բախտ չվիճակուեց տեսնել այս աշխատութեան անգլերէն հրատարակութիւնը: Աշխատանքի վերջին փուլում կտրուեց նրա կեանքի թելը: Բայց թարգմանութեան գործն իր աւարտին հասցրեց ամուսնու հետ սփիւռքում տասնամեակներ շարունակ իր հայապահպան գործունէութեամբ աչքի ընկած, Արեւմտեան Հայաստան Էրգրի ճամբաներով անցած, իսկական մտաւորական Արեւիկ Գաբրիէլեանը:

Համոզուած ենք, որ սոյն աշխատութեան անգլերէն հրատարակութիւնը կ’ունենայ լուրջ ճանաչողական հետեւանքներ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը համաշխարհային հանրութեանը հասցնելու եւ թուրքական մերժողական քաղաքականութեան սնանկութիւնը բացայայտելու հարցում:

 

 

 


Ի՞նչ Է Խոստանում Մեզ Դեղին Հողէ Շան Տարին

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Երեւի թէ աւելի ճիշդ կը լինէր ասել` Կաւահողէ Շան տարի, քանզի բնութեան մէջ դեղին հողը կամ դեղնահողը  հէնց կաւահողն է, որը մէկ որոշակի գոյն ունի` դեղին: Բայց հասկացութեան ստուգաբանութիւնը թողնենք լեզուաբաններին: Տուեալ պարագայում մեզ առաւելապէս հետաքրքրում է արեւելեան օրացոյցի, ինչպէս փորձեցի ճշդել, Կաւահողէ Շան տարուայ քաղաքական առաքելութիւնը: Առանձնապէս`   արցախեան հիմնախնդրի խաղաղ ու վերջնական հանգուցալուծման գործընթացում, որը խիստ մտահոգում է միջազգային հանրութեանը, տարածաշրջանի երկրներին եւ, առաւելապէս, հակամարտութեան մէջ ներքաշուած` հայերիս եւ ազրպէյճանցիներին: Մտահոգում է, քանզի տարէցտարի նորանոր երիտասարդ կեանքեր է խլում երկուստեք: Արդեօք բաւարար բարենպա՞ստ է հակամարտ կողմերի փոխըմբռնման այն մթնոլորտը, որ 2018 թուականը ժառանգել է  իր նախորդից` 2017-ից, կամ, ըստ նոյն կենդանակերպի`  Կարմիր Կրակէ Աքաղաղի տարուց, իսկ վերջինս իր հերթին` 2016 թուականից, այսինքն` Կարմիր Կապիկի տարուց, եւ որի հիման վրայ Կաւահողէ Շունը պէտք է կեանքի կոչի իր արդարամիտ  առաքելութիւնը, ինչպէս պնդում, հաւաստիացնում  է արեւելեան օրացոյցը` շրջադարձօրէն փոխելով ոչ միայն  առանձին մարդկանց կեանքը, այլեւ, ընդհանուր առմամբ, միջազգային քաղաքական իրավիճակը` տարին բոլոր պահպանելով մեզնից իւրաքանչիւրի երջանկութիւնն ու անդորրը:

Աւա՜ղ, առկայ իրավիճակը հակադարձ համեմատական է պուտտայական  օրացոյցի այդ սահմանումներին: Բանն այն է, որ վերջին երկու տարում անհամեմատ, քան նախորդ տարիներին էր, դարձեալ իրարից հեռու, աւելի՛ն, իրարամերժ են  հակամարտ կողմերի դիրքորոշումները, եւ կամ` այնքան աննշան են  դրանց մերձեցման միտումները, որ լաւատեսութեան նշոյլ անգամ չեն թողնում: Այն աստիճան, որ բանը հասել է բացայայտ ռազմական առճակատման, ասել է թէ` նոր պատերազմի, որ սանձազերծել էր ազրպէյճանական կողմը 2016-ի ապրիլի սկզբներին` յոյս ունենալով յանկարծակի ու լայնածաւալ յարձակմամբ վերջնականապէս լուծել արցախեան թնճուկը կամ այլ կերպ ասած` թրի մի հարուածով հատել գորդեան հանգոյցը: Բայց պարզուեց, որ թնճուկն այդ ոչ այնքան խճճուած թելերի մի սովորական կծիկ է, որքան` արցախեան պինդ ընկոյզ, մեր  բարբառով ասած` կռօ ճղոպուր, որն ազրպէյճանական թուրն ի զօրու չէ ճեղքել եւ, մանաւանդ, թրով հարուածողն էլ` Իլհամ Ալիեւը, ամենեւին Ալեքսանդր Մակեդոնացի չէ: Առաւել եւս, որ ի տարբերութիւն Մակեդոնիայի առասպելական  արքայի ու զօրավարի, Ազրպէյճանի նախագահը եւ այդ երկրի զինուժի գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը, որ հանգուցեալ հօր` Հայտար Ալիեւի  նման դասալիքի համարում ունի իր հայրենիքում ու նրա սահմաններից դուրս, երբեք թուր բռնած չէ փափլիկ ձեռքում: Թէ ինչո՛վ աւարտուեց Ազրպէյճանի այդ արկածախնդրութիւնը` յայտնի է ամէնքին: Ուստի կրկին չմանրամասնենք: Նշենք միայն, որ 2016-ի ապրիլին ստացած դասն այդպէս էլ խրատ չդարձաւ մեր չարաբաստիկ հարեւանի համար: Տարուայ հետագայ ամիսներին եւ յաջորդ ամբողջ տարում մէկ օր անգամ չդադարեցին ազրպէյճանական կողմի կրակոցներն ու հետախուզական-խափանարար ներթափանցման փորձերը, որոնք իւրաքանչիւր առանձին դէպքում անյապաղ կասեցւում էին արցախեան դիրքապահ զօրամասերի հատու հակահարուածների շնորհիւ:

Թուերը, ինչպէս ասում են, խօսուն են: Ուստի դիմենք Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հաւաստի տուեալներին: Համաձայն հրապարակուած ամփոփագրի, միայն անցած 2017թ. արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերի շփման գծում հակառակորդի կողմից հրադադարը, ընդհանուր առմամբ,  խախտուել է շուրջ 14 հազար անգամ, որի ընթացքում հայ դիրքապահների ուղղութեամբ արձակուել է աւելի քան 180 հազար կրակոց: Բացի հրաձգային զէնքից` ազրպէյճանական զինուժը կիրառել է նաեւ խոշոր տրամաչափի զինատեսակներ` կառավարուող հակահրասայլային հրթիռներ, հաուպիցային եւ այլ հրանօթներ, հրթիռահրետնային կայանքներ, տարբեր տրամաչափի ականանետներ ու տարբեր տիպի նռնականետներ: Ըստ ամփոփագրի, յատկապէս յիշատակման արժանի է փետրուարի 25-ին շփման գծի միանգամից երկու` հարաւարեւելեան եւ արեւելեան ուղղութիւններով ազրպէյճանական զինուժի ձեռնարկած հետախուզական-խափանարար  ներթափանցման փորձերը, որոնց ժամանակ հակառակորդը, կիրառելով «ՏՐՈՊԱ» («Արահետ»-խմբ.) տիպի ականազերծման յատուկ սարք, նռնականետներ ու խոշոր տրամաչափի այլ զինատեսակներ, անցել էր յարձակման: Բնականաբար, ազրպէյճանական զինուժի այդ սադրիչ յարձակումը նոյնպէս, ինչպէս նախորդ բոլոր դէպքերում էր, արժանացաւ միեւնոյն ճակատագրին: Հայ դիրքապահների գրագէտ ու կազմակերպուած գործողութիւնների արդիւնքում հակառակորդը վերստին ստիպուած էր  նահանջել` չէզոք գօտում թողնելով իր խոցուած զինուորների մի քանի դիակ: Օրուայ մարտերի դադարից  յետոյ միայն պաշտօնական Պաքուն հարկադրուած էր դիմել ԵԱՀԿ Մինսքի խմբին եւ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեանը` խնդրելով միջնորդել, որպէսզի կարողանայ կազմակերպել չէզոք գօտուց այդ դիակների տարհանումը:

Եւ այս ամէնը` այն պարագայում, երբ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը միջազգային տարբեր հարթակներում խոստանում էր այլեւս հրաժարուել ուժի կիրառման սկզբունքից: Այն պարագայում, երբ  անձամբ նախագահ Ալիեւը Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի, ապա եւ Ժընեւի գագաթնաժողովներում առերես յանձնառութիւն էր ստանձնում չխոչընդոտել հակամարտ զօրքերի շփման գծի երկայնքով մէկ դիտարկման սարքերի տեղադրմանը, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի աշխատակազմի ընդլայնմանը, միեւնոյն ժամանակ, տուն վերադառնալուց յետոյ,  արգելակում կայուն հրադադարի հաստատման համար յոյժ կարեւոր եւ նոյնքան յոյժ անհրաժեշտ այդ խնդիրների իրականացմանը:

Աւելի՛ն. Պաքուի իշխանաւորները, ինչպէս նախորդ տարիներին, 2017-ին նոյնպէս սեփական հանրութեան շրջանում բոլոր հնարաւոր միջոցներով շարունակաբար բորբոքում, շիկացնում էին հայատեացութեան կրակը, կասեցնում հայերին հաշտութեան ձեռք մեկնելու ցանկացած փորձ: Այս առումով, ահաւասիկ` մէկ-երկու յատկանշական իրողութիւններ:

Եւ այսպէս. Պաքուի քաղաքապետ Հաճիպալա Ապութալիպովը, ով, որպէս Ազրպէյճանում իշխող նախիջեւանեան տոհմի անդամ` Հայտար Ալիեւի դրածոյ մոհիկաններից է, վերջերս կարգադրել է փակել Ազրպէյճանի մայրաքաղաքի Սապայիլի շրջանի Խականի փողոցում գործող մի սրճարան, որի անունը սոսկ թուով է նշւում` «26»: Սրճարանը գտնւում է նախկինում Պաքուի 26 կոմիսարների անունը կրած այդ քաղաքային շրջանի համանուն հրապարակի, ներկայումս` Սահիլ (Ծովափ.- խմբ.) վերանուանուած զբօսայգու հարեւանութեամբ` Ազրպէյճանի Գրողների միութեան վարչական շէնքից վարձակալուած մի յարկաբաժնում: Եւ ահա քաղաքապետի որոշմամբ ու նրա իսկ անմիջական ներկայութեամբ ոչ միայն փակուել է սրճարանը, այլեւ` բռնագրաւուել ամբողջ գոյքը, իսկ նրա վարձակալ սրճարանատէրը կալանուել ու հարցաքննութեան է ենթարկւում  իրաւապահ մարմինների կողմից: Պարզւում է, որ քաղաքապետին սրճարանի այդ անուանումը յիշեցնում է Պաքուի 26 կոմիսարներին:

Հակիրճ պատմական տեղեկանք. Պաքուի կոմունայի գործիչներից  9 հոգին ազգութեամբ հայ էր` Ժողովրդական կոմիսարների խորհրդի նախագահ Ստեփան Շահումեան,  ռազմա-ծովային գործերի ժողկոմ Գրիգորի Կորգանով (Ղորղանեան.-խմբ.), պարէնի ժողկոմի տեղակալ Արամ Կոստանդեան, քաղաքի պարետ Բաղդասար Աւագեան, ռազմա-յեղափոխական կոմիտէի անդամ Սողոմոն Բոգդանով  (Բոգդանեան (Աստուածատրեան).-խմբ.),  եղբայրներ Թադեւոս եւ Արսէն Ամիրովներ (Ամիրեաններ.-խմբ.), որոնցից առաջինը  դաշտային հրամանատար էր, խմբապետ, 26-ի մէջ ՀՅԴ միակ անդամը,  իսկ երկրորդը` «Պաքինսքի ռապոչի»  («Պաքուի բանուոր».- խմբ.) թերթի համայնավար խմբագիրը, «Պաքուի Խորհրդի Տեղեկագիր» թերթի խմբագիր Սուրէն Օսիպեան (Յովսէփեան.- խմբ.), թղթակից Արմենակ Բորեան:  Ինչպէս յայտնի է, 1917թ. հոկտեմբերին Փեթերսպուրկում իշխանութեան գրաւումից անմիջապէս յետոյ Պաքւում ստեղծուեց բանուորների, գիւղացիների եւ զինուորների պատգամաւորների խորհուրդ` Պաքուի սովետ, որը, յենուելով ՀՅԴ կուսակցութեան եւ հիմնականում նրա զինուորական կազմաւորումների վրայ, 1918թ. ապրիլին իր ձեռքը վերցրեց քաղաքի իշխանութիւնը: Պաքուի Խորհուրդը բաղկացած էր բազմաթիւ քաղաքական ուժերից եւ պոլշեւիկներն այնտեղ մեծամասնութիւն չէին կազմում: Ստեղծուեց գործադիր մարմին` Պաքուի Ժողկոմխորհ, որը ձեռնամուխ եղաւ ընկերային-տնտեսական բարեփոխումների, ինչպէս նաեւ կազմակերպեց Կարմիր բանակի զօրամասերը, որոնք անմիջապէս ելան Կովկասեան մուսուլմանական (մուսաւաթական) բանակի դէմ: Վերջինս, յենուելով թուրքական աջակցութեան վրայ, հակամարտում էր ոչ միայն պոլշեւիկների, այլեւ հայկական զինուած ջոկատների դէմ, որոնք կազմում էին Պաքուի կոմունայի Կարմիր բանակի հիմնական կորիզը, քանի որ պոլշեւիկների ուժերը, չնայած Խորհրդային Ռուսաստանի օգնութեանը, բաւարար չէին: Բաւարար չէր նաեւ բնակչութեան աջակցութիւնը, չկային բաւական ռազմական ուժեր` պաշտպանելու իշխանութիւնը: Եւ երբ ձախողումն ակնյայտ դարձաւ, պոլշեւիկները որոշեցին թողնել Պաքուն` իշխանութիւնը յանձնելով նորաստեղծ Ցենտրկասպիայի (Կենտրոնական Կասպիա.- խմբ.) կառավարութեանը, որ կազմաւորուել էր  Պաքու հրաւիրուած անգլիական զօրքերի հովանու ներքոյ: Կոմունայի ղեկավարների ճակատագիրը ողբերգական աւարտ ունեցաւ. 1918թ. սեպտեմբերի 20-ի լուսաբացին, մինչ այդ բանտարկուած լինելով Կասպից ծովի արեւելեան ափին` Կրասնովոդսկ քաղաքում,  տեղի էսեռական (ՍՌ-սոցիալիստ-ռեւոլիւցիոներների, թարգմ.` ընկերվար-յեղափոխականների կուսակցութիւն.-խմբ.) հակապոլշեւիկեան իշխանութիւնների` Անդրկասպիայի ժամանակաւոր կառավարութեան` այդտեղ գտնուող անգլիական զօրքերի ճնշման ներքոյ ընդունած որոշմամբ նրանք` 25 պոլշեւիկ եւ  ՀՅԴ 1 գործիչ, գնդակահարուեցին Ախչա-Կույմայի անապատի աւազուտներում:

Խորհրդային կարգեր հաստատուելուց  յետոյ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները զոհուած յեղափոխականների աճիւնները տեղափոխեցին Պաքու եւ հանդիսաւորութեամբ վերայուղարկաւորեցին մի վայրում, որը կոչուեց Պաքուի 26 կոմիսարների հրապարակ: Կոմիսարների գնդակահարութեան 50-ամեակին այդտեղ կառուցուեց դամբարան: 1991-ից յետոյ նորանկախ Ազրպէյճանում Պաքուի կոմունայի գործունէութիւնը համարեցին «հայկական դաւադրութիւն» եւ 2009թ. աւերեցին Պաքուի 26 կոմիսարների յուշահամալիրը, իսկ աճիւնները թաղեցին Ապշերոնի թերակղզու ծայրամասային Հովսանի բնակավայրի  գերեզմանատանը, նկատի առնելով, որ զոհուածները տարազգի էին` ազրպէյճանցիներ, հայեր, ռուսներ, վրացիներ ու հրեաներ, ինչպէս յայտարարուել էր` «մուսուլմանական, քրիստոնէական եւ յուդայական կրօնական գործիչների մասնակցութեամբ ու համապատասխան ծիսակարգերով»: Իսկ նախկին յուշահամալիր-հրապարակը  վերածուեց մասամբ զբօսայգու եւ մասամբ էլ` ինքնաշարժների վճարովի կայանատեղի:

… Պաքուի քաղաքապետի խօսքով, որ նա հէնց այդտեղ` դէպքի վայրում յայտարարել է լրագրողներին, մայրաքաղաքի կենտրոնում «26» անուանումն անընդունելի է, քանզի` «Ազրպէյճանցիների ցեղասպանութիւն իրագործած մարդասպանների յանցակիցները, ցաւօք, մինչեւ հիմա էլ կենդանի են: Թող հայերի` այստեղ ապրող հովանաւորներն իմանան, որ քանի դեռ կայ ազրպէյճանական ժողովուրդը, ապա բոլոր նրանք, ովքեր համակրում են դաշնակներին, տեղ չունեն Ազրպէյճանում»: Բացայայտ իրողութիւն է, որ անկախ Ազրպէյճանում աշխարհի բոլոր հայերն էլ, անկախ նրանցից իւրաքանչիւրի կուսակցական պատկանելութիւնից, համարւում են դաշնակցականներ, այդ թւում, որքան էլ զաւեշտալի թուայ, եթէ ասեմ` Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան առաջին նախագահ, երդուեալ հակադաշնակցական Լեւոն Տէր Պետրոսեանը… Բնականաբար ազրպէյճանական պատմագրութեան ու քարոզչամեքենայի մատուցմամբ, դաշնակցականներ էին նաեւ Պաքուի կոմունայի անդամ անխտիր բոլոր հայ գործիչները, անկախ նրանցից իւրաքանչիւրի կուսակցական ընդգրկումից եւ դաւանած գաղափարախօսութիւնից:

Մէկ ուրիշ իրողութիւն: Պաքուի թիւ 212 դպրոցի անգլերէն լեզուի ուսուցիչ Ռովշան Ազիզովին հայերի հետ հաշտուելու կոչի համար բառացիօրէն վերջերս հեռացրել են աշխատանքից:  ղՊարզուել է, որ նա Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան կողմնակից է եւ այդ գաղափարը քարոզում էր իր աշակերտների շրջանում, այդ թեմայով յատուկ տեսանիւթեր էր պատրաստում ու տարածում: Միեւնոյն ժամանակ, վերջերս Ազիզովն ազրպէյճանցի աշակերտուհուն հայկական տարազ էր հագցրել, լուսանկարել Պաքուի հայկական եկեղեցու համայնապատկերին եւ լուսանկարը հրապարակել ֆէյսպուքեան իր էջում, ինչը լուրջ զայրոյթ էր առաջացրել ազրպէյճանցի օգտատէրերի շրջանում: Աւելի վաղ ընկերային ցանցերում բողոք էր տարածուել այդ ուսուցչի դէմ. նշւում էր, թէ Ազիզովը բացայայտ խոստովանում է, որ իր աշակերտներին դաստիարակում է հայերի հանդէպ սիրոյ ոգով: Բնականաբար հաշուի չի առնուել դպրոցի մանկավարժական խորհուրդ հրաւիրելու նրա` աշխատանքը կորցրած ուսուցչի խնդրանքը:

Առհասարակ, կարելի է հայատեացութեան նման հարիւրաւոր միջադէպեր ներկայացնել ազրպէյճանական հանրութեան մերօրեայ կեանքից: Այն հանրութեան, որ ոչ միայն թոյլ տուեց, այլեւ ի մեծաւ մասի անմիջականօրէն մասնակցեց այդ հանրապետութեան քաղաքացի հայազգի բնակիչների ցեղասպանութեանը` արիւնալի ջարդերին ու բռնատեղահանմանը` Սումկայիթում, Պաքւում, Ազրպէյճանի միւս քաղաքներում ու գիւղերում: Այն հանրութեանը, որի նոր սերունդները` մանկապարտէզից սկսած մինչեւ բուհական հաստատութիւններ, դաստիարակւում են հայ ժողովրդի նկատմամբ ատելութեան ոգով: Այն հանրութեան, ում համար սեղանի գրքեր են Հայաստանը եւ Արցախը որպէս Ազրպէյճանի պատմական տարածքներ ներկայացնող հաստափոր աշխատութիւնները: Այն հանրութեան, որի զինծառայող զաւակները զօր ու գիշեր գնդակոծում են Հայաստանի եւ Արցախի սահմանային դիրքերը, ընդ որում` ոչ միայն կատարելով հրամանատարների հրամանները, այլ նաեւ սեփական կամեցողութեամբ` եւս մէկ հայ սպաննելու, ոչնչացնելու գազանաբարոյ մոլուցքով:

Եւ այդ ամէնից յետոյ Պաքուի իշխանութիւնները, ում խոփը, իրօք, քարին է դէմ ընկել Արցախի եւ, այդպիսով իսկ, ընդհանուր առմամբ. համայն հայութեան դէմ իրենց սանձազերծած  պատերազմում, դեռեւս սին յոյսեր են փայփայում, թէ արցախահայութիւնն ի վերջոյ քարը փէշից  կը թափի ու կը համաձայնի ապրել Ազրպէյճանի կազմում: Օրինակ, ահա թէ անցած տարեվերջին ի՛նչ է յայտարարել Ազրպէյճանի նախագահի հասարակական-քաղաքական հարցերով օգնական Ալի Հասանովն իսրայէլական «Ճերուսալեմ Փոսթ» թերթին տուած իր հարցազրոյցում: Պաքուն, ասել է նա, պատրաստ է լայն ինքնավարութիւն տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղին եւ տեղի հայ բնակչութեանն ապահովել քաղաքացիական իրաւունքներ: Մէջբերում եմ. «Մենք պատրաստ ենք որոշակի փոխզիջման եւ հիմնախնդրի կառուցողական լուծման: Այդ կապակցութեամբ համարում ենք, որ հակամարտութեան կայուն, արդիւնաւէտ եւ արդարացի կարգաւորման ուղին Ազրպէյճանի կազմում առաւել լայն ինքնավարութեան տրամադրումն է Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին եւ այնտեղ ապրող հայ բնակչութեան քաղաքացիական, ընկերային-տնտեսական ու մշակութային իրաւունքների լրիւ ապահովման երաշխաւորումը` Ազրպէյճանի օրէնսդրութեանը եւ միջազգային իրաւունքի կանոններին համապատասխան»:

Ազրպէյճանի նախագահի օգնականի փարիսեցիական յայտարարութիւնը, բնականաբար, անարձագանգ չի մնացել` արժանանալով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ, տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեանի, ըստ իս, կարծես թէ սթափեցուցիչ պատասխանին. «Եթէ Ազրպէյճանում սկսէին սթափ նայել իրավիճակին, ազատուէին ատելութեան աֆիոնից, ապա կը գիտակցէին, որ ամենաճիշդ որոշումն Արցախի անկախութեան ճանաչումն է, ինչը բխում է երկու ժողովուրդների շահերից: Եւ որքան շուտ Ազրպէյճանում դա գիտակցեն, այնքա՛ն լաւ»:

Բայց մի՞թէ երբեւէ սթափ մտածելու, իրերի վիճակը յստակ գիտակցելու եւ իրատես գնահատելու ունակ կարող է լինել մի երկրի իշխանութիւն, որի ղեկավարը մոլի թմրամոլ ու գինարբու է եւ որպէս այդպիսին` մտագար ու անկանխատեսելի իր արարքներում: Արդեօք նոյն այդ մտագարութեա՞ն հետեւանք չէ՞, որ իր իսկ թելադրանքով երկրի գլխաւոր դատախազն անցած տարեվերջին հրաման է ստորագրել… այո՛, հէնց այդպէս, Լեռնային  Ղարաբաղի զինուորական դատախազ նշանակելու մասին: Մատից ծծած յօրինուածք չէ, որ ասում եմ, ազրպէյճանական մամուլն է տեղեկացնում, որոշակիօրէն իշխանամէտի համարում ունեցող Haqqin.az  տեղեկատուական-վերլուծական եւ դիտարկումային կայքը, յայտնելով, որ «համաձայն գլխաւոր դատախազ Զաքիր Կարալովի հրամանի,  հանրապետութեան զինուորական դատախազութեան կազմակերպական-վերլուծական բաժնի պետ Ֆարիտ Շուքիւրովն ազատուել է զբաղեցրած պաշտօնից ու նշանակուել Ղարաբաղի դատախազ»: Ընդ որում, ի սկզբանէ որպէս անհեթեթ (տխմար) որակելով այդ հրամանը, կայքն այնուհետեւ գրում է. «Միֆական դատախազի նշանակումը ծաղրանքի փոթորիկ է առաջացրել ընկերային ցանցերում: Այդ նորութիւնն առաջինը քննադատութեան են ենթարկել համացանցի հէնց ազրպէյճանցի օգտատէրերը: Նրանց խօսքով, այդպիսի նշանակումների պատճառով է, որ Ազրպէյճանն աւելի յաճախակի է ծաղր ու ծանակի թիրախ դառնում»:

Արդեօք դարձեալ նոյն այդ մտագարութեան հետեւանք չէ՞, որ 2018-ի  առաջին իսկ օրերից վերստին սաստկացել են կրակոցներն արցախեան դիրքերի ուղղութեամբ: Այսպէս,  նոր տարում Արցախի Պաշտպանութեան բանակի անդրանիկ ամփոփագրի տուեալներով, միայն յունուարի առաջին շաբթում ազրպէյճանական զինուժը մօտ 200 անգամ խախտել է հրադադարը` արձակելով աւելի քան 2 հազար կրակոց: Եւ ահաւասիկ, ցաւօք, այդ կրակոցների առաջին զոհը. յունուարի 7-ին զօրամասի պահպանութեան շրջանի մարտական դիրքի ուղղութեամբ հակառակորդի կողմից արձակած կրակոցի պատճառով մահացու հրազէնային վիրաւորում է ստացել պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, կրտսեր սերժանթ Վաչէ Նուէրի Չիլինգարեանը: Հրազէնային վիրաւորումներ են ստացել նաեւ աւագ լէյթենանթ Ե. Մուսինեանը եւ պայմանագրային զինծառայող, վարորդ Դ. Վանեանը, ովքեր օգնութեան են շտապել իրենց խոցուած զինակից ընկերոջը: Բարեբախտաբար նրանց կեանքին վտանգ չի սպառնում:

Այնպէս որ, յոյս կապել Կաւահող Շան արդարամտութեան հետ, կարծում եմ, իմաստ չունի: Ինչպէս կենդանակերպի նախորդ նշանների պարագայում էր, Կաւահողէ Շունը, որը, ըստ արեւելեան օրացոյցի, իր գահը Կարմիր Կրակէ Աքաղաղից պէտք է ստանայ փետրուարի 16-ին, իր նշանով խորհրդանշուող ամբողջ տարուայ ընթացքում երեւի թէ նոյնպէս ստիպուած պիտի լինի ձեռնունայն մնալ ազրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման խնդրում: Այնպէս որ, իրատես վերապահութեամբ ընդունենք իւրաքանչիւր Նոր տարուայ վերաբերեալ արեւելեան օրացոյցի բացարձակապէս դրական սահմանումները, աւելորդ անգամ տուրք չտանք մեր գիտակցութեան մէջ վաղնջական ժամանակներից ներծծուած ու տակաւին որոշ նստուածք թողած նախապաշարումներին եւ սնոտիապաշտ միամտութեամբ հաւատ չընծայենք կենդանակերպի շռայլ խոստումներին:

Ամէն դէպքում, շնորհաւոր Ամանոր ու Սուրբ Ծնունդ: Ու թող Աստծոյ օրհնութեամբ նոր տարում` 2018-ին, անպայման իրականանան մեր ժողովրդի նուիրական իղձերը: Բնականաբար կեանքի կը կոչուեն մեր ձեռքերով, համայն հայութեան միահամուռ կամքով ու համախումբ ջանքերով: Մենք դա կարող ենք: Մենք հզօր ենք մեր համազգային միասնութեան մէջ:  Ամէն:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

Դիմաւորելով 100-ամեակը (1). Անցեալի Ճանաչումը Ներկայի Քաղաքականութիւնն Է

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ժողովուրդ մը, որ կ’անգիտանայ իր պատմութիւնը եւ կը խորթանայ իր լեզուին, կը նմանի անղեկ նաւու մը, որ կը տարուի հոն, ուր հով եւ հոսանք զինք քշեն: Պատմութիւնը սոսկ դիպուածներու գումար չէ peplum ժապաւէններու համար, ան ազգի գոյութեան եւ շարունակութեան վրայ կ’ազդէ, անցեալը կը բերէ ներկային: Այս գիտակցութեան բացակայութեան ազգը կը դառնայ ամբոխ:

Թեւակոխած ենք նոր տարի մը: Վերանկախացած հայրենիքի հանրապետութիւնը եւ սփիւռք(ներ)ը պիտի նշեն Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան 100-ամեակը: Ոմանք նոր գիւտ ընողի պէս պիտի անդրադառնան պատմական այդ իրադարձութեան, ուրիշներ համաժողովներ պիտի կազմակերպեն: Հայրենի պետութիւնը այս առիթով մշակած է ընդարձակ ծրագիր` ոչ միայն Երեւանի համար:

Սփիւռք(ներ)ը, ի հարկէ, գէթ անոր մէկ հատուածը, դար մը ամբողջ, վառ պահելէ ետք անդրանիկ անկախ հանրապետութեան յիշողութիւնը, իր կարգին, մոլորակի մեծ կամ փոքր քաղաքներուն մէջ պիտի յիշէ եւ յիշեցնէ պատմական կարեւոր երեւոյթը եւ ժամանակաշրջանը, երազը` ընդդէմ ուրացումներու, պայքարներու, անհասկացողութիւններու: Երազ, որ զանգուածներու ստուար տոկոսին համար դարձած է թուական մը` ՄԱՅԻՍ 28: Ան քիչ պարագաներու կ’առաջնորդէ ներկային մէջ ստանձնուելիք յանձնառութեան:

Այսինքն` պատմութեան մէջ թուական մը: Բառեր, խանդավառութիւն, նաեւ յուզումի միգամած մը կայ:

Գիրքերու մէջ է՞ջ մը: Կամ` թանգարան այցելութիւն:

Ի՞նչ է այսօր զանգուածներուն համար պատմութեան այդ իրադարձութենէն բխած-բխելիք անսեթեւեթ գիտակցութիւնը` որպէս յանձնառութեան առաջնորդող կեանքի իմաստ:

Եթէ այդ յանձնառութիւնը չըլլայ, պատմութիւնը կը դառնայ ձանձրոյթի դէմ հեռատեսիլի պատկեր:

Յանձնառութիւն. մոգական բառ: Որ չի գնուիր: Փոխանորդութիւն չ’ընդունիր:

Նոյնիսկ եթէ խորհրդային տասնամեակներու ընթացքին անկախութեան գաղափարը համարուեցաւ քաղաքականութեան խորթ զաւակ: Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), պատմութիւն-ժամանակ յառաջընթացը վճռեց: Սակայն այդ վճիռը ազգը չհասցուց իսկական ազգային համապարփակ յանձնառութեան, զգացականութեան` յուշ-յիշատակի եւ նիւթապաշտական ընդարմացումը յաղթահարելով, ինչ որ կը բացատրէ աղէտ-արտագաղթը եւ զանգուածային պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ հայրենադարձութիւնը, որ կը նշանակէ իսկական հայրենատիրութիւն:

Հայրենատիրութիւն, որ տարբեր որակ է, պէտք է միշտ կրկնել, բարեսիրութենէ, զբօսաշրջութենէ եւ քարոզչական աղմուկէ: Հայրենատիրութիւնը կը չափուի հայրենադարձութեան թիւերով:

Անդրանիկ անկախ հանրապետութեան 100-ամեակ ՊԻՏԻ ՏՕՆՈՒԻ, ի՞նչ ըսելու եւ մանաւանդ ի՞նչ ընելու համար: Եթէ 10, 20, 50 կամ 99-ամեակներու յաջորդ օրերու նոյնութիւնը պիտի փռենք թերթերու մէջ կամ հեռատեսիլի պաստառին վրայ, ոչինչ կերտած պիտի ըլլանք:

Այլ խօսքով, 100-ամեակի տօնախմբութիւնները պիտի ըլլա՞ն ազգաշէն վերականգնումի նախատօնակ, թէ՞ պարզապէս զուարճացնող եւ ոչինչ արձանագրող հրավառութիւն:

Անցեալի, անմիջական անցեալի եւ ներկայի տուեալներու անշպար հաշուեկշիռը պէտք է ընել` միաժամանակ պատասխանելով կարգ մը հարցումներու. ի՞նչ կրնայինք ընել եւ չըրինք, ի՞նչ կրնանք ընել եւ չենք ըներ, մանաւանդ` ինչո՞ւ:

Պէտք է ընդունիլ մեր ԱՆՑԵԱԼ-ը, ընդունիլ ճիշդն ու սխալը, յաջողութիւնը եւ ձախողութիւնը, եւ որդեգրուիլ իսկական նոր փուլի մը ուղղութեան մէջ:

Ինչ կը վերաբերի անմիջական ներկային, որ վաղուան գրաւականն է, անհրաժեշտ է նախաձեռնել թերիներու եւ թերացումներու սրբագրութեան: Այս ընելու համար ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ մը պէտք է ընել, Հայաստան, նաեւ` սփիւռք(ներ):

Ով կ’ըսէ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ, պիտի ըսէ նաեւ` ՀԱՇՈՒԵՔՆՆՈՒԹԻՒՆ, audit, Հայաստան կ’ըսեն` աուդիտ, որ ընթացիկ հաշուապահութենէ տարբեր է: Այս աուդիտը հայրենիքը հզօրացման առաջնորդող եւ ժողովուրդի վստահութիւնը վերականգնող եւ նոր ժամանակները սկսող մեծագոյն որոշում-յանձնառութիւնը կ’ըլլայ:

Ոչ շատ հեռու անցեալին, վերանկախացած Հայաստանի պատասխանատու մը կ’ըսէր, որ խորհրդային շրջանի  ոստիկանական եւ այլ արխիւները կարելի չէր բանալ, քանի որ Հայաստան փոքրիկ երկիր էր, մարդիկ զիրար կը ճանչնային, եւ վրէժխնդրական լայնածիր դէպքեր կրնային պատահիլ: Արդեօ՞ք նոյն մօտեցումը պէտք է ունենալ վերջին երեսնամեակին համար ալ: Բայց ինչպէ՞ս կը վերականգնին տնտեսութիւնը եւ վստահութիւնը, եթէ ազգէն կողոպտուածը չվերադարձուի ազգին եւ չյաղթահարուի աւեր գործած եւ գործող մեծածաւալ կամ փոքրածաւալ փտածութիւնը` կոռուպցիան:

Աւելի պարզ խօսելով` պէտք է հաշուեքննութիւնը ընել, աուտիդը, անաշխատ հին եւ նոր հարստացումներու: Անցեալին վարչապետ մը խոստացաւ, յաճախ կը յիշեմ, որ աուտիդ կ’անենք… Պատմութիւնը երախտիքով պիտի յիշէ բոլոր անոնք, որոնք այդ աուտիդը անելու հերոսութիւնը կ’ունենան: Ֆրանսայէն մեծ դրամագլուխի տէրեր, որոնք ապահով ըլլալու համար մեծ գումարներ պահ դրած էին երկրէն դուրս գտնուող օտար դրամատուներու մէջ, յայտարարեցին իրենց հարստութիւնը, երկիր բերին իրենց այդ հարստութիւնը` իշխանութեան ընդունելի համարուած որոշումներու որպէս արդիւնք: Ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ ալ իշխանութիւնը նման նախաձեռնութիւն պիտի չունենայ:

Ինչպէ՞ս պիտի սրբագրուին խորհրդային համակարգի փլուզման յաջորդող շրջանին այդքան արագութեամբ դիզուած անաշխատ հարստացումները, որոնք եղած են եւ կ’ըլլան ի հեճուկս զանգուածին եւ ի նպաստ սակաւապետութեան, օլիկարխիային:

Արթըր Միլլըրի «Սալեմի վհուկները» բեմադրելու կոչ չէ ասիկա, այլ ցանկութիւն` յաւելեալ արդարութեան հասնելու, որ նախապայմանն է այսօրուան վստահութեան եւ վաղուան վերականգնումի:

Որպէսզի այդ վերականգնումը ըլլայ համազգային տարողութեամբ, հարկ է դառնալ դէպի ժողովուրդը, որպէսզի ան ըլլայ տէր եւ ծառայ հայրենիքին եւ անկախ պետութեան: Անաշխատ հարստացումները յոռեգոյն ազդակներն են վստահութեան խախտումի: Աւելի պարզ. անկախ Հայաստանի պաշտպանութեան համար ժողովուրդի նեցուկ պէտք է, եւ այդ հնարաւոր կը դառնայ, երբ զանգուածը չի դառնանար` ի տես անհաւասարութիւններու, չարաշահումներու, կողոպուտի, փտածութեան:

Ազգային բարձրամակարդակ գիտակցութեան մը ծնունդ կու տա՞ն այս հարիւրամեակի տօնախմբութիւնները, որպէսզի երեւանցին, գիւմրեցին, վարդենիսցին, բայց նաեւ հեռուի եւ մօտի հայերը արդարութեան արեւին տակ զգան իրենք զիրենք, երբ հայրենիքի մէջ են կամ անկէ դուրս:

Ժամանակակիցներս, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), առարկայականութեամբ, պարկեշտութեամբ, իրաւ հայրենասիրութեամբ, բովանդակալից հայրենատիրութեամբ պէտք է որ առաջնորդուինք, իսկ այդ ընելու համար անհրաժեշտ են արդարութիւնը եւ սրբագրութիւնները, հետեւաբար նաեւ` խոստացուած եւ երբեք իրականացած հաշուեքննութիւն-աուտիդը:

Կրկնե՞նք նոյն տարազը. այս նախաձեռնութիւնները ոչ ոք պիտի ընէ մեր փոխարէն, Հայաստանի հայ ըլլանք, թէ` տարտղնուած ամէն տեղ եղող հայեր: Որպէսզի նուազ ըլլանք ամէն տեղի հայեր:

Անկախութեան հարիւրամեակի տօնախմբութիւնները կը վերածուի՞ն ազգային վերականգնումի անսեթեւեթ յաննձառութեան: Այդ ալ ցոյց պիտի տայ պատմութիւնը, անով պիտի դատուինք վաղուան պատմութեան կողմէ:

Իսկ պատմութեան վճիռը ո՛չ ընտանեպաշտութիւն է` népotisme, ո՛չ աժան փառասիրութիւն, ան կը չափուի նախասիրութիւններ եւ համակրանքներ գերանցած ազգօգուտ յաջողութեան արդիւնքով:

Ինչպէ՞ս պիտի ծրագրուի եւ իրականացուի, մինչեւ 101-ամեակ, սփիւռք(ներ)ի քանի մը միլիոնէն գէթ 100.000-ի վերադարձը հայրենիք` անկախութեան տիրութիւն ընող ժողովուրդի որպէս անշպար վահան:

Եթէ այդ չըլլայ, որմէ՞ հաշիւ պիտի պահանջենք, զո՞վ պիտի դատենք` համակրանքներէ եւ կողմնապաշտութիւններէ անդին:

Այս անհանգստացնող թղթածրարը բաց պէտք է պահել` աստ եւ անդ, հոն ուր հայ կայ:

Որպէսզի երբ հայելիին նայինք` վերցնելով փող-թմբուկի վարագոյրը, մենք մեզ ճանչնալու իրատեսութիւնը ունենանք:

3 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

Ի՞նչ Փոխեց Անցնող Տարին Սամցխէ-Ջաւախքի Մէջ

$
0
0

«Սամցխէ-Ջաւախքի մեդիա վերլուծական կենտրոն»-ը դեկտեմբեր 28 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը ներկայացնէ 2017 տարուան հաշուեկշիռը` հայկական տեսանկիւնէն, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:

Մի քանի օրից բոլորս միասին թեւակոխում ենք նոր` 2018 թուական: Անցնող տարում մենք արձանագրեցինք, ինչպէս դրական, այնպէս էլ բացասական բազմաթիւ երեւոյթներ: Ունեցանք ձեռքբերումներ ու պարտադրուած նահանջի պահեր: Անկոտրում պահեցինք մեր ոգին` արդարութեան հաստատման ձգտման մէջ:

Միասնական ջանքերով ձգտեցինք դարձնել մեր շրջանը աւելի ապահով, բարեկեցիկ եւ ուժեղ, որտեղ քաղաքակիրթ երկրի շրջանին վայել կը յարգուեն մարդու բոլոր իրաւունքները: Մեր բոլորի համոզմունքն ու երազանքը անցնող տարում եւս անփոփոխ էր` կառուցել զարգացող  ժողովրդավարական երկիր, հզօր տնտեսութեամբ ու օրէնքի գերակայութեամբ, որտեղ կը յարգուեն երկրի ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւնների բոլոր իրաւունքները:

Անցնող տարուայ դրական ձեռքբերումներից կարելի է առանձնացնել Վրաստանում նոր սահմանադրութեան մէջ երկքաղաքացիութեան մասով փոփոխութիւնը: Շնորհիւ երկրի իշխանութիւնների խոհեմ քաղաքականութեան` այդ խնդիրը մէկընդմիշտ լուծուած կարելի է համարել, եթէ ի հարկէ քաղաքացիութիւն կորցրած անձինք հեշտութեամբ կարողանան վերականգնել իրենց նախկին քաղաքացիութիւնը: Դա Վրաստանում անկասկած կ՛ուրախացնէր քաղաքացիութեամբ կիսուած բազմաթիւ ընտանիքների: Ձեռքբերումների մէջ ինչպէ՞ս չնկատենք նաեւ վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի վերջերս արած յայտարարութիւնը, ըստ որի, Վրաստանը զուիցերիական SGS ընկերութեան հետ պայմանագիր է ստորագրել, որի համաձայն, Վերին Լարսում անբարենպաստ պայմանների դէպքում Հայաստանը Վրաստանից դէպի Ռուսաստան հաղորդակցութիւնը կարող է իրականացնել ինքնահռչակ Հարաւային Օսեթիայի եւ Աբխազիայի տարածքով:

Տուեալ խնդրի մասին խօսւում էր քսան տարուց աւել, ինչը կարծես անիրականանալի էր թւում շատերին:

Դրական ձեռքբերումների մէջ կարելի է նաեւ շեշտել մեր եւ սփիւռքի կազմակերպութիւնների միջեւ կապերի սերտացումը եւ հայկական սփիւռքի կողմից Ջաւախքի խնդիրների հանդէպ ուշադրութեան զգալի աւելացումը, չնայած որ այդ ասպարէզում դեռ կան հսկայական անելիքներ:

Ցաւօք, անցնող տարում մենք բոլորս միասին արձանագրեցինք նաեւ բացասական երեւոյթներ, որոնք յատկապէս կապուած էին որոշ «վիճելի» համարուող եկեղեցիների շուրջ ստեղծուած բարդ իրավիճակով: Նման հարցերում մեր զիջողական մօտեցումը պէտք է լուրջ վերանայման ենթարկուի, եւ դա պէտք է տեղի ունենայ հասարակութեան ներգրաւման միջոցով: Բացասական երեւոյթների շարքին պէտք է դասենք նաեւ թուրքական գործօնի էլ աւելի հզօրացման փաստը Սամցխէ-Ջաւախք տարածաշրջանում, որին հակազդելու համար հայկական ու վրացական կողմերը ոչինչ չեն ձեռնարկել: Այդ մասին բազմիցս անդրադարձել ենք մեր լրատուամիջոցներում:

Նաեւ հարկ է նշել, որ անցնող տարում, ինչպէս եւ` նախորդներում, հայ ազգաբնակչութեան ներկայացուցիչների քանակը չէ աւելացել տեղական ինքնակառավարման մարմիններում, որը երկու հասարակութիւնների համարկման համար լուրջ խոչընդոտներ է ստեղծում: Օրինակի համար, Սամցխէ-Ջաւախքի նահանգապետարանում մինչեւ հիմա աշխատանքի չէ ներկայացուած ոչ մի հայազգի ներկայացուցիչ, չնայած որ Ջաւախքում հայերը կազմում են բնակչութեան մեծամասնութիւն: Գրեթէ նման իրավիճակ է նաեւ Ախալցխայի քաղաքապետարանում, որտեղ ազգային փոքրամասնութիւնների ներկայացուածութեան աստիճանը չափազանց փոքր է եւ բացարձակ չի համապատասխանում շրջանի ցեղային նկարագրին:

Այս եւ այլ տեսակի դեռեւս չլուծուած խնդիրների հետ միասին պէտք է փաստենք, որ Վրաստանը վստահ քայլերով շարժւում է դէպի Եւրոպա, յանուն ինչի մեծ փոփոխութիւններ է իրականացնում երկրի ներսում, որը անկասկած լաւատեսութիւն է ներշնչում երկրի ապագայի նկատմամբ:

Լոյս Տեսած Է Ցեղասպանագէտ Մարի Յովհաննիսեանի «Ուրացման Քաղաքականութեան Արմատները, Նորօրեայ Դրսեւորումները Եւ Անոնց Հետեւանքները» Գիրքը

$
0
0

Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան դրամաշնորհով եւ բարձր հովանաւորութեամբ հրատարակուած է ցեղասպանագէտ Մարի Յովհաննիսեանի «Ուրացման քաղաքականութեան արմատները, նորօրեայ դրսեւորումները եւ անոնց հետեւանքները» գիրքը: Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամին մէջ: Այդ մասին կը հաղորդէ կեդրոնի «Ակունք» պաշտօնական կայքէջը:

Աղբիւրին համաձայն, աշխատութեան մէջ ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ժխտողականութեան քաղաքականութեան ակունքները, անոնց դրսեւորումները Ցեղասպանութեան ընթացքին, 1965 թուականէն ետք եւ մեր օրերուն: Ըստ հեղինակին, ժխտման հիմնական թեզերը, որոնք սկիզբ առած են 1894-96 թուականներու կոտորածներու շրջանին, հիմնականին մէջ նոյնը մնացած են հետագայ տասնամեակներու ընթացքին, սակայն փոխուած են անոնց ներկայացման մեթոտներն ու գործընթացները:

Գիրքին մէջ Մ. Յովհաննիսեանի կողմէ առաջ կը քաշուի ցեղասպանագիտութեան մէջ նոր թեզ, ըստ որուն` Ցեղասպանութեան ժխտումը կը սկսի շատ աւելի վաղ, քան` բուն հանցագործութիւնը:

Ուսումնասիրութեան երեք գլուխներուն մէջ ամփոփուած են ժխտողականութեան տեսութեան վերաբերող դրոյթներ, Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ժխտողական քաղաքականութեան փուլերը, անոնց զարգացումները եւ հետեւանքները:

Մենագրութիւնը հիմնուած է հեղինակին կողմէ առաջին անգամ գիտական շրջանառութեան մէջ դրուող արխիւային փաստաթուղթերու, ժամանակի մամուլի, հասարակական-քաղաքական գործիչներու յուշերու եւ մասնագիտական գրականութեան վրայ:

«Էտիթ փրինթ» հրատարակչութեան մէջ տպագրուած 168 էջանոց սոյն աշխատութեան խմբագիրն է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեանը:

 

Ցեղասպանութեան Ժամանակ Ճափոնցիները Օգնած Են Փրկուած Հայերուն Եւ Յոյներուն

$
0
0

ՎԻԳԷՆ ԲԱԲԳԷՆԵԱՆ

2010 թուականին «Տը Արմինյըն Ուիքլի» պարբերականին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ ներկայացուցած էի, թէ ինչպէ՛ս ճափոնցիները  Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ մարդասիրական օգնութիւն կը ցուցաբերեն հայերուն: Ես նշած էի, թէ ինչպէ՛ս 1922 թուականի փետրուարին հայկական բարեգործական հիմնադրամ ստեղծուած է Թոքիոյի մէջ, Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան օգնութեան կոմիտէի միջազգային կոմիսար Լոյալ Վիրթի այցելութենէն ետք: Հայկական բարեգործական հիմնադրամը ստեղծուած է յայտնի ճափոնցի բանկիր ու դիւանագէտ Վիկոնտ Էիչի Շիբուսաուայի կողմէ: Այսօր Վիկոնտը յայտնի է որպէս ժամանակակից ճափոնական դրամատիրութեան հիմնադիր ու մեծ մարդասէր: Ան ներգրաւուած եղած է մօտ 500 ձեռնարկութիւններու ու տնտեսական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ ընկերային ապահովութեան, կրթութեան ու միջազգային փոխանակութեան մօտ 600 կազմակերպութիւններու հիմնադրման գործին մէջ: Հայկական բարեգործական հիմնադրամին կ՛աջակցէին ճափոնական հասարակութեան բոլոր խաւերը` սկսած հասարակ մարդոցմէ մինչեւ երեսփոխաններ, յաջողակ առեւտրականներ ու կայսերականներ: Ճափոնական օրիորդներու դպրոցը  նոյնիսկ իր վրայ վերցուցած էր 2 հայ որբերու խնամքի ամբողջ պատասխանատուութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած` ճափոնական մէկ այլ հետաքրքրական պատմութիւն կը դառնայ Միմի Մալայեանի կողմէ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ նկարահանուելիք ժապաւէնի մը նիւթը: Միմին մեծն Տիանա Աբգարի թոռնիկն է: Ան  պիրմացի հայ էր, որ ապրած է Ճափոնի մէջ, 1891 թուականին մինչ իր մահը` 1937: Ան  յայտնի գրող էր,  դիւանագէտ, ինչպէս նաեւ կը զբաղէր առեւտուրով: Ամենանշանակալի փաստն այն է, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան գոյութեան կարճ ժամանակահատուածին մէջ (1918-1920) ան եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան Ճափոնի մէջ: Ատիկա դիւանագիտական  պաշտօն էր, որ հնարաւորութիւն կու տար անոր խօսիլ ինքնիշխան պետութեան անունով` անհատներուն ու հաստատութիւններուն դիմելու ժամանակ: Այդ ճանապարհով Տիանան յաջողած է ճափոնական կառավարութենէն յատուկ թոյլտուութիւն ստանալ, որով հնարաւորութիւն կը տրուէր, որ  Ռուսիայէն հայ գաղթականներ գան Ճափոն: Այս թոյլտուութիւնը մեղմացուցած է գաղթականներուն վիշտը: Երբ գաղթականները կը մեկնէին Ճափոնէն, օգնած է անոնց Միացեալ Նահանգներու կամ այլ վայրերու մէջ մշտական բնակութիւն հաստատելու ժամանակ:

Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին ճափոնցիներու մարդասիրութեան վերաբերեալ երեւի ամենանշանակալի պատմութիւնը ճափոնական նաւու նաւապետին ու անձնակազմին կողմէ 1922 թուականին Զմիւռնիայի աղէտէն ետք նաւահանգիստ փախած գաղթականներու կեանքը փրկելն է: Երբ 1922 թուականին սեպտեմբեր 9-ին թրքական ազգայնական զօրքեր մտած եւ գրաւած էին քաղաքը, հարիւր հազարաւոր հայ ու յոյն գաղթականներ փախած էին դէպի Զմիւռնիայի նաւահանգիստ: Թուրքերու կողմէ քաղաքի գրաւմանը յաջորդած են հայ ու յոյն քաղաքացիներու` սովորական դարձած կոտորածներն ու արտաքսումը: 4 օր անց քաղաքի հայկական հատուածին մէջ կրակ բռնկած է, որ աւերուած է քաղաքի մեծ մասը: Աղէտին ականատես մօտ 20 դաշնակիցի ռազմանաւեր ու բեռնատար նաւեր կանգնած էին նաւամատոյցին մէջ, որոնց մէջ նաեւ` ճափոնական նաւ մը: Բազմաթիւ օտարերկրացիներ ականատես եղած են, թէ ինչպէ՛ս ճափոնական նաւը զօրաշարժի ենթարկուած է, որպէսզի փրկէ խելագարութեան եզրին հասնող փախստականները: Աննա Հարլոու Պիրճը, որ Զմիւռնիայի միջազգային քոլեճի ամերիկացի փրոֆեսէօր Պիրքի կինն էր, ականատես դարձած է, թէ ինչպէ՛ս յուսահատ փախստականները Զմիւռնիայի այրելու ժամանակ հաւաքուած են նաւակայանի քով: Կարելի էր տեսնել լողացող կիներ ու տղամարդիկ, որոնք յոյս ունէին, որ կը փրկուին, բայց կը խեղդուէին: Աննան կը գրէ. «Այդ ժամանակ նաւամատոյցին մէջ կանգնած էր նաեւ  ճափոնական բեռնատար նաւ մը, որ նոր ժամանած էր`  բեռցուած շատ արժէքաւոր մետաքսով, ժանեակով եւ ճենապակիով, որոնք հազարաւոր տոլարներ կ՛արժէին: Երբ ճափոնցի նաւապետը տեսաւ իրավիճակը, չվարանեցաւ: Ամբողջ բեռը լեցուեցաւ նաւամատոյցի կեղտոտ ջուրերուն մէջ, իսկ նաւ նստեցան քանի մը հարիւր գաղթականներ: Անոնց տարին Փիրաէուս եւ ապահով իջեցուցին յունական ափ». ասիկա զետեղուած է Թ. Ստաւրիտիսի` Ամերիկայի մէջ հելլենական միջազգային հիմնադրամի ամսագրին մէջ տպագրուած  յօդուածին մէջ:

Այս մասին մէկ այլ հաղորդում կայ «Նիւ Եորք թայմզ» պարբերականին մէջ, 1922 թուականի սեպտեմբեր 18-ին. «Գաղթականներն անընդհատ կու գային. Զմիւռնիայի աղէտի նոր զարգացումներուն պատճառով: Չորեքշաբթի (սեպտեմբեր 14-ին) Զմիւռնիայի մէջ  կար փախստականներ տեղափոխող 6 շոգենաւ` մէկ ամերիկեան, մէկ ճափոնական, երկու ֆրանսական ու երկու իտալական: Ամերիկեան ու ճափոնական շոգենաւերը կ՛ընդունէին բոլոր եկողները` առանց անոնց թուղթերը ստուգելու, մինչդեռ միւսները կ՛ընդունէին միայն օտարերկրացիները` անձնագրերով»:

Ճափոնական նաւու մարդասիրական գործողութիւններուն մասին կը վկայեն նաեւ Զմիւռնիայի աղէտէն փրկուած հայերն ու յոյները: Կան ականատեսներու բազմաթիւ վկայութիւններ այդ մասին: Ատոնք յայտնաբերած են պատմաբաններ Սթաւրոս Սթաւրիտիսն ու ճափոնցի Նանակօ Մուրատա-Սավայանագին իրենց Ճափոնի ու Զմիւռնիայի աղէտին շուրջ իրականացուցած ուսումնասիրութեան ընթացքին: Վերջերս Սթաւրիտիս յաջողած է գտնել նաւուն անունը` «Տոկէի Մարու», որ հրապարակուած է այդ ժամանակի բազմաթիւ յունական թերթերու մէջ: 2016 թուականի յունիս ամսուն Աթէնքի մէջ յունական համայնքի կազմակերպութիւնները պարգեւատրած են Ճափոնի դեսպան Մասուօ Նիշիպայաշին վահանի ձեւ ունեցող պարգեւով` ի պատիւ 1922 թուականին Զմիւռնիայի աղէտի ժամանակ իրենց ազգը փրկելուն ուղղուած ջանքերուն համար: Ատիկան ժեսթ մըն է, որուն ես կը հաւատամ, որ հայկական համայնքներն ալ պէտք է հետեւին:

Ճափոնցիներու մարդասիրական արձագանգը մէկն է այդ աղէտալի դէպքերու ժամանակ միջազգային բարի կամքի դրսեւորման պատմութիւններէն. դէպքեր, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ վերացուցած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ բնակող քրիստոնեայ համայնքները: Մօտ 50 ազգ մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայերու փրկութեան գործին: Հակառակ անոր, որ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիտական ուսումնասիրութիւններու մեծ մասը ուղղուած է ատոր` որպէս չարիք ըլլալուն, այնուամենայնիւ կան անհամար պատմութիւններ մարդոց կարեկցանքի ու մեծահոգութեան մասին, որոնք պէտք է ուսումնասիրուին գիտնականներու կողմէ:

Անգլերէնէն թարգմանեց`
ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Viewing all 12094 articles
Browse latest View live