Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12041 articles
Browse latest View live

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Մարդը` Աստուծոյ Որդւոյն Մարդեղութեան Նպատակը

0
0

Աստուածայայտնութեան տօնի սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին հետեւեալ սրբասացութիւնը կ՛երգուի. «Զի Աստուածն յաւիտենական ի յերկրի երեւեցաւ եւ ընդ մարդկան շրջեցաւ, զի կեցուսցէ զանձինս մեր»:

Եկեղեցւոյ պատմութեան առաջին դարերէն սկսեալ մատենադարան մը լեցնելու չափ հատորներ գրուած են Քրիստոսի մարդեղութեան, անձին ու առաքելութեան մասին: Եկեղեցւոյ հայրեր, աստուածաբաններ ու փիլիսոփաներ փորձած են վերլուծել ու մեկնաբանել Բեթղեհէմի մէջ տեղի ունեցած Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը: Դարերը կ՛անցնին, ժամանակները կը փոխուին, աննախընթաց գիւտեր մարդկային կեանքն ու միտքը նոր հորիզոններու կը բանան, սակայն Հայ եկեղեցւոյ շարականին բառերով` Յիսուս Քրիստոս միշտ կը մնայ «խորհուրդ մեծ…»:

Հայ եկեղեցւոյ ծէսէն առնուած վերոնշեալ փունջ մը բառերուն մէջ խտացուած է եկեղեցւոյ քրիստոսաբանութիւնը, այլ խօսքով` Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդը, Քրիստոսի անձին իւրայատկութիւնը ու առաքելութեան նպատակը: Բարեպաշտական մօտեցումէն անդին, քրիստոնեայ մարդը կոչուած է բանականութեան ճամբով` որքան հնարաւոր է, ու հաւատքի զօրութեամբ` որքան կարելի է, ըմբռնել Բեթղեհէմի խորհուրդը:

Փորձենք հասկնալ նախ վերեւ յիշուած հաստատումին առաջին մասը` «Զի Աստուածն յաւիտենական ի յերկրի երեւեցաւ»: Յաւիտենական Աստուծոյ յաւիտենական Որդին պատմութեան մէկ հանգրուանին երկինքէն երկիր իջաւ, սակայն` առանց երկինքէն հեռանալու. ժամանակին մէջ մտաւ` միշտ մնալով ժամանակէն վեր. հունաւորին մաս կազմեց` միշտ մնալով անհուն. անկատար մարդկային բնութիւնը իւրացուց` միշտ մնալով Աստուած: Այսպէս, կատարեալ Աստուած եղաւ կատարեալ մարդ, ամէ՛ն իմաստով, բացի` ադամական մեղքէն: Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդւոյն անձին այս երկու տարածքները հարկ է միասնաբար, ոչ անջատաբար ըմբռնել` պահելով իւրաքանչիւրին առանձնայատկութիւնները: Որեւէ բաժանում մեզ հերետիկոսութեան կ՛առաջնորդէ: Քրիստոս մէկ անձ է, աստուածային բնութեան մարդկային բնութեան իւրացումով ու միացումով` «Եւ Բանն մարմին եղեւ» (Յովհ. Ա.14): Քրիստոս միաւորեալ մէկ բնութիւն է` «մի բնութիւն Բանին մարմնացելոյ» (Կիւրեղ Աղեքսանդրացի)® Այս է մեր եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքը, որ այնքան յստակօրէն բացատրուած ու մեկնաբանուած է, ինչպէս նաեւ ամրօրէն պաշտպանուած` մեր եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ:

Ի՞նչ կը հասկնանք «եւ ընդ մարդկան շրջեցաւ» բացատրութեամբ: Մինչեւ երեսուն տարեկան, Յիսուս Նազարէթ գիւղին մէջ աճեցաւ ու կազմաւորուեցաւ իր ծնողաց Յովսէփի եւ Մարիամի անմիջական խնամքին տակ եւ ապա նոյն գիւղէն սկսաւ իր երկրաւոր առաքելութեան: Չորս Աւետարանները հրաշքներով, առակներով եւ ուսուցումներով լեցուն Քրիստոսի առաքելութեան ամփոփ պատկերը կը ներկայացնեն, ինչպէս նաեւ անոր կեանքին կարեւոր դրուագները` չարչարանքը, խաչելութիւնը, յարութիւնը ու համբարձումը:

Աստուծոյ Որդւոյն երկիր էջքը` մարդկային բնութեան իւրացումով, խաչելութեամբ ու յարութեամբ, մէկ նպատակ ունէր` «զի կեցուսցէ զանձինս մեր»: Մա՛րդն էր Քրիստոսի առաքելութեան հասցէն: Մարդուն վերամարդացումն էր` իր աստուածային պատկերին համաձայն, դրախտէն վտարուած մարդուն վերադարձն էր` իր Երկնաւոր Հօր Քրիստոսի մարդեղութեան ու առաքելութեան նպատակը: Պատարագի ընթացքին արտասանուած Նիկիական հանգանակը Քրիստոսի մարդեղութեան մասին խօսելով` կ՛ըսէ. «որ յաղագս մեր մարդկան եւ վասն մերոյ փրկութեան իջեալ ի յերկնից մարմնացաւ, մարդացաւ…»: Մեր եկեղեցւոյ շարականներուն ու աղօթքներուն մէջ եւս յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուած է Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը` մարդո՛ւն համար:

Արդ, Քրիստոսի մարդեղութիւնն ու առաքելութիւնը, խաչելութիւնն ու յարութիւնը ճիշդ կերպով հասկնալու համար հարկ է նայիլ մարդուն, եւ` փոխադարձաբար: Քրիստոսաբանութիւն ու մարդաբանութիւն անքակտելիօրէն իրարու հետ առնչուած են քրիստոնէական մտածողութեան մէջ:

Մարդը արժէ՛ք է Աստուծոյ համար, որովհետեւ ան գործակից է Աստուծոյ` որպէս պահապանն ու պաշտպանը ստեղծագործութեան: Այս սպասումով Աստուած մարդը ստեղծեց, այս կոչումը տուաւ մարդուն: Հետեւաբար մեղաւոր մարդուն փրկութիւնը, այլ խօսքով` անկեալ մարդուն վերականգնումը, գերուած մարդուն ազատագրումը, մահացած մարդուն յարութիւնը կենսական է մարդուն ու ստեղծագործութեան վերականգնումով Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատման համար: Այս է Քրիստոսով սկիզբ առած աստուածային փրկագործական առաքելութեան նպատակը, որ կը շարունակուի իր խորհրդական մարմնոյն` եկեղեցւոյ կողմէ: Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր անդամ մասնակից է փրկագործական առաքելութեան կենսագործման, մինչեւ` Քրիստոսի երկրորդ գալուստը:

Արդ, Քրիստոսի ծնունդը հրաւէր մըն է` վերանորոգուելու Բեթղեհէմի խորհուրդով:

Քրիստոսի ծնունդը յիշեցում մըն է փրկութեան ճանապարհին վրայ գտնուող մարդուն` հաւատարմօրէն հետեւելու Քրիստոսին:

Քրիստոսի ծնունդը կոչ մըն է` մասնակից դառնալու եկեղեցւոյ ճամբով իրագործուող փրկագործական առաքելութեան:

Այս գիտակից հաւատքով մօտենանք Քրիստոսի ծնունդին ու հաղորդուինք անոր խորհուրդով ու պատգամով:

* * *

Ս. Ծնունդի խորհուրդով լեցուն այս օրերուն հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ տիար Սերժ Սարգսեանը, եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ տիար Բակօ Սահակեանը` մաղթելով իրենց արդիւնաշատ ժողովրդանուէր գործունէութիւն: Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը` հայցելով Ամենաբարին Աստուծմէ, որ իրեն շնորհէ երկար գահակալութիւն` եկեղեցաշէն իրագործումներով լեցուն: Քրիստոնէական սիրով կ՛ողջունենք Երուսաղէմի հայոց պատրիարք` ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ բարձրաշնորհ Տ. Գարեգին արք. Պեքճեանը` մաղթելով իրենց աստուածահաճոյ գործերով լեցուն ծառայութիւն: Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանին վայելող թեմերուն թեմակալ առաջնորդները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութիւններն ու յարակից մարմինները, ինչպէս նաեւ` մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակները, հայցելով Աստուծմէ, որ Բեթղեհէմի ճառագայթող լոյսով պայծառակերպէ իրենց կեանքն ու գործը:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

6 յունուար 2018
Անթիլիաս, Լիբանան

 


Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Ս. Ծնունդով Մենք Մեր Հանդէպ Աստուածային Սիրոյ Եւ Խնամքի Խորհուրդն Ենք Տեսնում

0
0

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն:

Սիրելի՛ բարեպաշտ հաւատացեալներ,

Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնի հրաշազարդ այս օրը մեր հոգու հայեացքները բեթղեհէմեան աստղալոյսով ուղղւում են դէպի մսուրը, որտեղ Աստուծոյ Միածին Որդին ծնուեց եւ աշխարհ եկաւ մեր փրկութեան համար: Այսօր համախմբուած եկեղեցիներում` օրհնաբանում ենք նորածին Փրկչին, փառաւորում երկնաւոր Արքային` ասելով. «Փառք հրաշափառ ծննդեան քո, Տէր»:

Ի լրումն ժամանակի Քրիստոս մուտք գործեց աշխարհ: Փրկչի Սուրբ Ծնունդով մենք մեր հանդէպ աստուածային մեծագոյն սիրոյ եւ խնամքի խորհուրդն ենք տեսնում: Փրկչի ծննդեամբ Աստուած մարմին զգեցաւ, լինելով անսահման` կամաւորապէս յանձն առաւ սահմանաւորութիւնը, անչարչարելին խոնարհութեամբ ստանձնեց չարչարանքներն ու խաչելութիւնը, որպէսզի մարդիկ արժանանան փրկութեան շնորհին, դառնան Աստուծոյ որդեգիր զաւակները եւ ժառանգեն երկնքի արքայութիւնը: Աստուածորդին մարդացաւ, ապրեց ու գործեց մարդկանց մէջ` վկայելով` որ Աստուած իրենց երկնաւոր Հայրն է, ով մարդկութեան հանդէպ իր սէրը, խնամքն ու հոգատարութիւնը արտայայտում է աներեւակայելի զոհողութեամբ, ինչպէս հաւաստում է Յիսուսի սիրելի աշակերտ Յովհաննէսը. «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդուն տուեց, որպէսզի ով նրան հաւատում է, չկորչի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յովհ.  16):

Սիրելինե՛ր, Աստծուն հակառակ ընթացքները, սակայն, շարունակում են ալեկոծել մարդկութեան կեանքը, ծանրաբեռնել հոգսերով ու մտահոգութիւններով: Գիտական ու արհեստագիտական հսկայական առաջընթացով հանդերձ` մարդկութիւնը երերում է բարու եւ չարի, կեանքի եւ մահուան ընտրութեան առջեւ: Տնտեսական աննախընթաց զարգացումների մեր դարում միլիոնաւոր մարդիկ տակաւին գտնւում են սովի ու աղքատութեան մէջ: Մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան այս ժամանակաշրջանում խախտւում են ժողովուրդների եւ մարդկանց իրաւունքները: Երկխօսութիւնների մեր օրերում բազում մարդիկ դառնում են զոհ անհանդուրժողականութեան, կրօնական ատելութեան, ահաբեկչութեան, ենթարկւում տարատեսակ բռնութիւնների: Յանուն խաղաղութեան պայքարի այս ժամանակներում բիւրաւոր մարդիկ կեանքի գին են վճարում զէնքի գործադրմանը եւ սպառազինութեան մրցավազքին: Հասարակութիւնների եւ ընտանիքների համար չարիք են դառնում թմրադեղերի տարածումը, ալքոհոլի չարաշահումը եւ այլ մոլուցքներ, որոնց տրուելով մարդիկ անկարող են դառնում սեփական կեանքը կազմակերպելու, իսկ ոմանք ծայրայեղ յուսահատութեան մէջ դիմում ինքնասպանութեան:

Աշխարհի խաղաղ ընթացքը խաթարող փորձութիւնները յուզում են նաեւ մեր երկրի ու աշխարհասփիւռ ժողովրդի կեանքը: Հայրենիքում մեր ժողովուրդը շրջափակման մէջ եւ անկայուն խաղաղութեան պայմաններում մաքառում է բարօրութիւն կերտելու եւ իր իրաւունքները պաշտպանելու համար` իր զաւակների կեանքի թանկ գնով ապահովելով մեր երկրի անվտանգութիւնը: Մեր ժողովրդի աննկուն կամքով ու նուիրումով արձանագրուած ձեռքբերումներով հանդերձ մեր երկրի առջեւ տակաւին ծառացած են գործազրկութեան, աղքատութեան խնդիրները, շարունակական ջանքեր են պահանջւում ամրապնդելու վստահութիւնը վաղուայ օրուայ հանդէպ, հաւատը` արդարութեան նկատմամբ, յաղթահարելու ընկերային, տնտեսական եւ հայրենական ու ազգային կեանքում առկայ այլ մարտահրաւէրները:

Սիրելինե՛ր, աղքատիկ մսուրում, նեղութիւնների մէջ ծնուեց մեր Տէրը, որպէսզի մենք նրան ապաւինութեամբ նեղութիւններն ու դժուարութիւնները յաղթահարենք: Մեծահարուստ մոգերից պատւուեց, որպէսզի ունեւորներն իրենց ունեցուածքը բարի ու աստուածահաճոյ գործերի ծառայեցնեն: Հովիւներից երկրպագուեց, որպէսզի բոլոր մարդիկ պարզասրտութեամբ Տիրոջ առաջ խոնարհուեն եւ Նրա բերած շնորհներին արժանի դառնան: Քրիստոսի մարդեղութեամբ վկայուած Աստուծոյ մշտական հոգատարութիւնը մեր հանդէպ վայելում ենք, երբ մեր հաւատքը կեանք է ու գործ, երբ Փրկչի Սուրբ Ծնունդը չի դառնում միայն պատմութիւն ու յիշատակութիւն, միայն տօնախմբութիւն կամ խրախճանք, այլ` ապրում, ներշնչանք, մեծագոյն խորհուրդ: Այս ընկալումով Սուրբ Ծննդեան տօնակատարումը, մեր աղօթքներն ու հայցը շնորհների անսպառ աղբիւր են բացում մեր առջեւ, բերում բերկրանքը երկնաւորների հետ առ Աստուած փառաբանութեան, կեանքը լցնում աստուածային ներկայութեամբ, ընտանիքները` երկնային սիրով ու շնորհներով, աշխարհն ու մարդկութիւնը` հրեշտակների աւետած խաղաղութեամբ ու հաճութեամբ:

Սիրելի՛ բարեպաշտ հաւատացեալներ, Աստուծոյ երկնառաք պարգեւներով լեցուն այս օրը հայրապետիս մաղթանքն ու պատգամն է, որ Քրիստոսի ծննդեամբ սկսուած նոր արարչութեան մէջ լինենք մեղքերից թօթափուած նոր արարածներ: Մանուկ Յիսուսին ընդունելով մեր սրտերում` ամուր պահենք մեր հաւատքը, բարեպաշտ ընթացքը, որպէսզի միշտ կարողանանք վայելել Աստուծոյ հոգածութիւնն ու անսահման սէրը: Քրիստոսի պատուիրանների իմացութիւնն ու կատարումը, սրտի մաքրութիւնը, հոգու խոնարհութիւնը, եղբայրսիրութիւնն ու ողորմութիւնը այն կարեւոր ընծաներն են, որոնք այսօր Աստուած ուրախութեամբ պիտի ընդունի մոգերի բերած ոսկու, կնդրուկի եւ զմուռսի փոխարէն` որպէս հաճելի նուէրներ մանուկ Յիսուսին: Այս ոգով ու հաւատով է նաեւ, որ իրապէս օգտակարութիւն կը բերենք հայրենի մեր երկրին, կարիքի մէջ գտնուող մեր եղբայրներին ու քոյրերին, կը կարողանանք անվեհեր պաշտպանել հայրենիքի սահմանները, զօրացնել քրիստոսապաշտ մեր ժողովրդի միասնականութիւնն ու նպաստել ազգային մեր իղձերի իրականացմանը, մեր ժողովրդի արդար իրաւունքների յաղթանակին:

Այս մաղթանքով մեր ողջոյնն ենք յղում առաքելական մեր սուրբ եկեղեցու նուիրապետական աթոռների գահակալներին` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանին, Կոստանդնուպոլսի հայոց պատրիարքական տեղապահ Գերշ. Տ. Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանին, մեր սուրբ եկեղեցու հոգեւոր դասին: Սուրբ Ծննդեան բերկրալի աւետիսով մեր ողջոյնն ենք բերում քոյր եկեղեցիների հոգեւոր պետերին: Հայրապետական օրհնութեամբ ողջունում ենք եւ մեր բարեմաղթանքներն ենք բերում սրբազան պատարագի արարողութեանը ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ տիար Սերժ Սարգսեանին` առաջին տիկնոջ հետ, ողջոյն ենք յղում Արցախի Հանրապետութեան նախագահ տիար Բակo Սահակեանին, հայոց պետական աւագանուն, Հայաստանում հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւնների ներկայացուցիչներին: Հայրապետական մեր սէրը, օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները` համայն հաւատաւոր մեր ժողովրդին:

Աղօթում ենք առ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, որ իր հրաշափառ ծննդեան շնորհները սփռուեն ողջ աշխարհում, ժողովուրդներն ընթանան խաղաղութեան ու համերաշխութեան Սուրբ Ծննդեան հրեշտակաձայն պատգամի համաձայն, եւ անվրդով խաղաղութիւն տիրի մեր հայրենիքում, շինութիւն, բարօրութիւն` աշխարհասփիւռ ազգիս կեանքում: Թող մեր հայրենանուէր ու ազգանուէր գործերի բարի արդիւնքներով հզօրանայ մեր հայրենիքը, պայծառ մնայ մեր սուրբ եկեղեցին, եւ մենք արժանի լինենք Տիրոջ կողմից մեզ տրուած փրկութեան ու յաւիտենական կեանքի պարգեւին` այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս:

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

6 յունուար 2018
Ս. Էջմիածին, Հայաստան

Իրանի խաղաղութեան ու կայունութեան հրամայականը…

0
0

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Ալիք» Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր

Անցնող տասնօրեակի իրանական ներքաղաքական իրադարձութիւններին վերլուծաբանները փորձեցին տարատեսակ գնահատականներ տալ: Մեր կողմից, սակայն, տւեալ գնահատականները կրեցին տեղեկատւական բնոյթ, աւելորդ աճապարանքից ու դրա հնարաւոր բացասական հետեւանքներից խուսափելու համար…

Այժմ, տասնօրեայ հեռաւորութիւնից յետոյ, թւում է, թէ խնդրին առնչւող ներքին ու արտաքին միջադէպերին հնարաւոր է աւելի իրատեսական դատողութեամբ մօտենալ:

Դեկտեմբերի 28-ից սկսած ու դրան յաջորդող 2-3 օրերի սոցիալ-տնտեսական բողոքի ցոյցերը, որոնք ի դէպ՝ բնական ու արդարացւած էին բնութագրւում նոյնինքն նախագահ Ռոհանիի կողմից, շատ արագ վերաճեցին քաղաքական ծայրայեղ պահանջներով երանգաւորւած ցուցական բախումներով, որոնք էլ միեւնոյն նախագահի ու յատկապէս ուժային կառոյցների կողմից մեկնաբանւեցին որպէս՝ արտաքին չարաշահումների ու սադրիչ գործողութիւնների ապացոյց… թէեւ ներքին թէ՛ արտաքին քաղաքական դիտորդներ էլ եղան, որ «արտաքին գործօնի» մասին Իրանի պաշտօնական յայտարարութիւնները «ինքնարդարացման մարտավարութիւն» բնութագրեցին, բայցեւ՝ անվիճելի փաստ է Իրանի երդւեալ թշնամիների առկայութիւնը, ինչպէս իսրայէլական, այնպէս էլ՝ արաբական մի շարք երկրների (նախկինում՝ Սադդամական Իրաք, այժմ Ս. Արաբիա, գումարած մի շարք արբանեակ էմիրանիստ երկրներ) տեսքով…, մանաւանդ, որ այս վերջինները ընդամենը շաբաթներ առաջ էին բարձրաձայնել «տագնապները Իրանից ներս փոխադրելու» կոչերը:

«Արտաքին գործօնի» վտանգը յաղթահարելու Իրանի հերթական յաջողութիւնը նաեւ կարելի է համարել նախօրէին իսկ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդի օրակարգ բերած ԱՄՆ-ի առաջարկի մերժումը՝ Ռուսաստանի, Չինաստանի, Ֆրանսիայի, Շւեդիայի, Անգլիայի եւ դեռ միւս անդամների կողմից:
Արտաքին գործօնը կամ չարաշահումները յաղթահարելու իրանական յաջողութիւնը, սակայն, երաշխաւորւած է կարող լինել յատկապէս ներքին թէկուզեւ սոցիալ-տնտեսական գործօնների ու դրանց նկատմամբ արդար դժգոհանքների յաղթահարմամբ, որպէսզի դրան չյաջորդեն դարանակալ թշնամիների ինչ-որ տեղ անխուսափելի քաղաքական չարաշահումները:

Այս առումով էլ լաւատեսութեան հիմք է կարող հանդիսանալ այսօր իսկ կայացող պետական՝ գործադիր, օրէնսդիր, դատական ու անվտանգութեան իշխանութիւն-մարմինների համատեղ նիստը, որի արդիւնքում էլ անտարակուսօրէն առաջնահերթ հրամայականներն են լինելու Իրանի խաղաղութեան ու կայունութեան ամրակայումն ու անսասանութիւնը:

 

 

Ինչո՞ւ Մուրճը Մեխի Գլխուն Չենք Իջեցներ

0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երբեմն մենք մեզի հարց կու տա՞նք, թէ ինչո՞ւ չենք յառաջդիմեր, կը ճահճանանք, կը նահանջենք, չենք վերականգնիր ազգովին:

Կացութիւնները պէտք է դիմագրաւել` առանց անձնատուր ըլլալու բառերու եւ բարձրախօսներու աղմուկին:

Իրատեսութեան հետ ե՞րբ պիտի ժամադրուինք կարենալ որոշելու համար, թէ Ռիւպիքոնի ո՞ր ափին պիտի մնանք կամ կը գտնուինք: Երեւակայեցէ՛ք, որ Յուլիոս Կեսար յաւիտենապէս մտածէր իր բանակին հետ գետը անցնելու մասին:

Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) չի բաւեր բեմերէն լսել բանաստեղծները, ծափահարել, այլ հարկ է հասկնալ անոնց ապրումները եւ պատգամները: Անոնք կոչուին` Վարուժան, Սիամանթօ, Կոստան Զարեան, Մուշեղ Իշխան, Սիլվա Կապուտիկեան թէ Յովհաննէս Շիրազ:

Բանաստեղծներու խօսքը խրախճանքի աղանդեր չէ: Յաճախ այդպէս ըլլալու կը դատապարտենք զանոնք:

Տարեվերջ է: Կը դիտեմ շուրջբոլորս: Կը կարդամ եւ կը լսեմ բոլոր կարեւոր եւ անկարեւոր լուրերը: Հայութեան եւ Հայաստանի մասին հոգեպարար բաներ կ’ըսուին, երբեմն ալ, որպէս ընթացիկ տեղեկութիւն, օտար լրատուամիջոցները կը խօսին հայերու մասին: Հայ ընտանիք մը Հայաստանէն հասած է Սթրազպուրկ քաղաքը: Կեցութեան թուղթ չունին ընտանիքի անդամները, կը քնանան ինքնաշարժի մէջ, զաւակները այդ պայմաններուն մէջ դպրոց կ’երթան:

Հայկական լրատուամիջոցներն ալ կ’անդրադառնան Ամերիկաներ, Աւստրալիա, Եւրոպա գաղթող հայերու մասին, որոնք չեն գար միայն Հայաստանէն, այլ նաեւ` հայահոծ եւ դեռ ոչ հեռու անցեալին հայրենահանուածներով կազմուած հայկական գաղութներէն: Կը տեսնենք, կը լսենք, կը հաշտուինք կացութեան հետ` առանց մտածելու վաղուան մասին: Չենք վարանիր անգամ գոհունակութեամբ ընդունելու կացութիւնը, երբ հայեր համախումբ կը հասնին այս կամ այն հեռաւոր ափերը, կարծէք` այդ ձեւով Հայկական հարց կը լուծենք:

Յովհաննէս Շիրազ ո՛չ Հայաստանի օլիգարխ էր, ո՛չ ալ սփիւռք(ներ)ի էսթեպլիշմընթ, հայրենիքի եւ ազգի ըմբռնում ունէր: Ինչ որ մեծանուն ղեկավարներ, աշխարհական թէ կրօնական, քաղաքական թէ կուսակցական, չեն բարձրաձայներ, ինք ըսած է.

Միակ ճամբան փրկութեան,

Հայե՛ր, դէպի Հայաստան…

Այս փրկութեան գաղափարը չի ներշնչուիր զանգուածներուն: Անոր բացակայութեան ստեղծած պարապը կը գրաւեն անհատապաշտութիւնը եւ ընչաքաղցութիւնը, որոնց դէմ չեն ցցուիր ազգը առաջնորդելու կոչուած պետութիւնը, դէմքերը եւ կազմակերպութիւնները, եթէ դեռ լքման օրինակ չհանդիսանան:

Բանաստեղծը գիտէ, մենք ալ գիտենք, որ չենք դիմանար որպէս ազգ, պատմութեան բեմին վրայ չենք մնար, եթէ ջլատենք մեր հաւաքական ուժը, որ ոչ թէ խօսքով, այլ ներկայութեամբ միացում է:

Ի՞նչ կ’ըսէր Շիրազ, ի՞նչ չենք ըսեր այսօր, եւ կը տրուինք ամբոխավարական խաբէութեան` խորհելով, որ սփիւռք-հայութիւնը կրնայ տեւել:

Ո՞ւր էք շտապում, ո՛վ խաբուած ջրեր,
                Մեզ ծարաւ թողած` ո՞ւր էք շտապում,
                …………               

                Սեւանն է քաշում ծով կարօտը ձեր`
                Դուք ո՞ւր էք օտար ծովերը թափուում:
                Անուշ է թուում ձեզ կանչող հեռուն,
                Բայց դուք կը կորչէք ծովերում օտար,
                Դարձէք` ծովանայ թող հայոց առուն,
                Մի՞թէ մօր գիրկը նեղ է ձեզ համար…
                Ախ, մի՞թէ նեղ է, որ դուրս էք փախչում,
                Բայց դուք կը կորչէք ծովերում օտար,
                Ձեր կոյր կորուստով իմ յոյսն է կորչում`
                Դառնում ծովասոյզ մի ջաղացաքար:

Սեւանը փոխաբերական պատկերն է հայկական կացութեան: Արդարեւ, եթէ Սեւանը չմատակարարուի ջուրով, ան կը չորնայ, կ’անհետանայ: Երբ մեր համրանքը օտար ծովերը կը թափի, ազգը կը չորնայ: Երբ անմիջական եւ եսական շահերու հետամուտ ըլլալով` ղեկավարութիւններ Շիրազի այս ճշմարտութիւնը չեն ըսեր եւ ըստ այնմ չեն գործեր, ի՞նչ կ’ըլլայ ազգի ապագան: Ի՞նչ կը պատահի այսօր. կը կորչենք ծովերում օտար, մինչդեռ հայոց առուն կը ծովանայ, երբ կը խմբուինք: Այդ խմբուիլը մեր փոխարէն պիտի չընեն ուրիշներ, իսկ եթէ ուրիշներ այդ ընեն մեր փոխարէն, ազգ եւ հայրենիք կը դառնան ծովասոյզ մի ջաղացաքար:

Բանաստեղծը սաւանանման վկայական ունեցողներէ եւ շքանշանակիր ղեկավարութիւններէ աւելին կը տեսնէ, կը զգայ, երբ կ’ըսէ.

Դարեր գաղթել ենք, հիմի՞ էլ գաղթենք,
                Երբ որ ծաղկել է մայր Հայաստանը,
                Մայր լեզուի կռուում էլ ինչո՞վ յաղթենք,
                Երբ մեծ Մաշտոցի զօրքն է նօսրանում:

Բանաստեղծը կը զգայ, գիտէ, որ գաղթը աւեր է, ազգի նօսրացում է, հակառակը` միացման, մէկութեան: Պարզ է, որ գաղթի աշխարհներուն մէջ կը նօսրանայ նաեւ հայոց ազգակերտ լեզուն, Հայաստանի մէջ նօսրացող ազգն ալ կը հետեւի նոյն ուղիին: Եւ.

Ո՞վ է ձեր խելքը հեռուից գողանում,
                Այս ո՞ւր էք չուում մայր հայրենիքից,
                Մեզ Աւարայրում մենակ էք թողնում,
                Մի՞թէ մայր ազգը սուրբ չէ «ճոխ» կեանքից:

Այսինքն հայրենասիրական ճառերը անիմաստ են, երբ հայրենիքի պաշտպանութիւնը կ’ըլլայ հողին վրայ, մէկուն պարտքը չ’ըլլար այդ պաշտպանութիւնը` միւսին ձգելով ճոխ կեանքի իրաւունքը:

Եւ բանաստեղծը կոչ կ’ընէ հաւաքական ճիգով վերականգնումի.

Այս ո՞ւր էք փախչում, խելագար ջրեր,
                Մեր բուռ հողն էլ ծով ծարաւ թողած,-
                Դարձէք, ետ վազէք, որ դարձնենք անմեռ
                Թէկուզ հայրենի մի խեղճ ջրաղաց:

Մեզ անտարբեր ձգող Շիրազի ողբը կը շարունակուի: Հարկ է տրուիլ ընթերցման խորհուրդին` ոչ որպէս բաժակաճառի, կամ` հանդէս զարդարող խօսքի, այլ` որպէս ճամբացոյցի: Բանալ քառեակները: Տեսնել ժահրը: Դարմանել ախտը` առանց եսասիրական բացառութիւններու ետին թաքնուելու, ինքնութեան եւ հաւաքականի գիտակցութեամբ եւ դիրքորոշուիլ նաեւ` ներազգային աղէտներու դէմ:

Օտար ծովերն են ձեզնով քաղցրանում,
                Բայց դառնանում է ծովակն հայրենի,-
                Ո՞ւր էք ձեր ոսկի ջրերը տանում,
                Ո՞ւր էք մեռցնում լեզուն մայրենի:

                Մեր ամենասուրբ կռուից էք փախչում,
                Սուրբ Աւարայրից մեր ամէնօրեայ,
                Ձեզ հետ մայրենի լեզուն է կորչում,
                Վարդանն է ճչում, ես գոչնեմ նրա:

                Ախ, անմիտ ջրեր, ո՞ւր էք շտապում,
                Մի՞թէ կարօտ են ովկիանները ձեզ,-
                Դարձէք… Սեւանը ձեզ է պապակում,
                Կանչում` Սահարա անապատի պէս:

                Մայրենի լեզուն ինչպէ՞ս կարկաչի,
                Երբ որ չխօսես քո հայոց լեզուով,
                Երբ աղբիւրի պէս` ծովերում կորչի,
                Էլ ո՞վ քեզ կը տայ Մասիսդ, էլ ո՞վ:

                Դուք հայոց ազգի յաւերժն էք թաղում,
                Ձեր օրուայ կեանքում` գրկում օտարի,
                Ահա թէ, հայեր, ինչո՞ւ չի շողում
                Մասիսի ձիւնը` թագս վիթխարի:

Իմ պանդուխտ ջրեր, զուր էք շտապում,
                Դարձէք, տուն վազէք, մեր մուրազ ջրեր,
                Ինչո՞ւ էք օտար կնոջ գիրկ թափում
                Հայ կոյսի բաժին կեանքն ու գանձը ձեր:

                Ինչո՞ւ Քանատա, ի՞նչ Ամերիկա,
                Երբ թէկուզ մի բուռ Հայաստանը կայ,
                Տուն աղաւնացէք, Նոյի ագռաւներ,
                Կը կորչէք, որպէս գայլախեղդ գառներ…

                Մեր ամէնօրեայ կռուի՞ց էք փախչում`
                Սուրբ Աւարայրից մեր ամէնօրեայ,
                Ինչից խռով էք` ինձ էլ է տանջում,
                Գէթ Արարատից խռով մի քմնայ:

Հայրենալքման դէմ եւ հայրենադարձութեան կոչի Ամանորի մաղթանքի գիր են հայրենասէր եւ հայրենատէր բանաստեղծի խօսքերը` ուղղուած բոլոր անոնց, որոնք ունին հայու ականջ եւ անկեղծիք սիրտ:

Շաբաթ, 30 դեկտեմբեր 2017
Նուազի-լը-Կրան

Տէր Զօրի Նահատակաց Յուշահամալիրին Մասնայատուկ Տեղը

0
0

ՍԱՐԳԻՍ ՊԱԼՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Ծանօթ.- Այս յօդուածին հեղինակը` Սարգիս Պալմանուկեան, ճարտարապետն է Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց յուշահամալիրին, որ, ինչպէս ծանօթ է, ծանր վնասներու ենթարկուած է Սուրիան քանդումի ու տառապանքի մատնող պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով. արհաւիրքէն անմասն չմնաց նաեւ Սուրիոյ մեր գաղութը: Ան նաեւ հեղինակն է Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ այլ յուշակոթողներու: Հեղինակին հետ կարճ զրոյցի մը պահուն ան ըսաւ, որ այս տողերը արձանագրելու օրերուն դառնութիւն ապրած է` տեսնելով Տէր Զօրի մէջ պատահածները, սակայն նաեւ կը հաւատայ հայութեան վերականգնումի ու վերակառուցելու կամքին…

Տէր Զօր անունը անքակտելիօրէն կապուած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան: Հոն` Տէր Զօրի անապատներուն ու շրջակայ քարայրներուն մէջ, ջարդարար թուրքերու ձեռամբ գազանաբար սպաննուեցան հարիւր-հազարաւոր հայեր, որոնց միակ յանցանքը հայ եւ քրիստոնեայ ըլլալն էր…

Ամէն տարի, ապրիլ 24-ին, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ուր հայեր հարկադրաբար բնակութիւն հաստատած են Ցեղասպանութենէն ետք, կը նշուի այս ազգային աղէտը: Անոնք իրենց ապրած քաղաքներուն մէջ մեր նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնելու համար կառուցած են յուշարձաններ ու կոթողներ: Հայութեան դիմագիծը պահպանելու համար անոնք նաեւ հաստատած են եկեղեցիներ ու դպրոցներ: Յուշարձանները ընդհանրապէս խորհրդանշական կոթողներ են եւ աշխարհին կը յիշեցնեն հայ ժողովուրդին ապրած մեծ ողբերգութիւնը:

Վերադառնանք պատմութեան: Տէր Զօր քաղաքին մէջ Ցեղասպանութենէն վերապրողներ 1930-ական տարիներուն կառուցած են Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին ու անոր կից` հայկական վարժարան մը, ինչպէս նաեւ` Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած կոթող մը: Յաջորդ տասնամեակներուն հայերու թիւը աստիճանաբար նօսրացած է Տէր Զօրի մէջ, հետեւաբար եկեղեցին մատնուած է անմխիթար վիճակի:

Զուգահեռաբար, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ նոյն տարիներուն կառուցուած է Նահատակաց յուշակոթող-մատուռը, իսկ աւելի ուշ, մեր մայր հայրենիքին մէջ, Երեւանի մօտակայ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին, 50-ամեակի օրերուն կառուցուած է մեր նահատակներուն յիշատակին նուիրուած հանրայայտ յուշակոթող-համալիրը, իսկ անոր կից` Ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանը. հոն, ամէն տարի հայրենի ժողովուրդը մեծ շուքով ու յարգանքով կը նշէ ազգային սգատօնը` պետական աւագանիին գլխաւորութեամբ:

Հայրենիքէն հեռու, Քալիֆորնիոյ Մոնթեպելլօ քաղաքի մէկ բարձունքին, դարձեալ Ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով, կառուցուած է հոյակերտ յուշարձան մը, որ դարձած է Լոս Անճելըսի ու շրջակայքի հայութեան ուխտավայրը. այս յուշարձանին շուրջ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ պահանջատիրական հաւաք` պետական ու քաղաքական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Օսմանցի թուրքերը իրենց պատմութեան մէջ վատ համբաւի տիրացած են իրենց գործած ջարդերով, ըլլա՛յ իրենց գրաւած երկիրներուն մէջ` Յունաստան, Պուլկարիա, Սերպիա եւ այլ, ըլլա՛յ Միջին Արեւելքի փոքրամասնութեանց դէմ, յատկապէս քրիստոնեաներու` հայ, մարոնի, ասորի եւ այլք: Թուրքերը գրաւած էին նաեւ մեր Արեւմտեան Հայաստանը եւ Կիլիկիան: Այլ ժողովուրդներու նման` հայերս եւս կը տառապէինք օսմանեան յետամնաց բռնատիրութեան տակ, ու երբ հայկական ազատագրական շարժումը ծայր տուաւ, թուրքերը որոշեցին Հայկական հարցը լուծել ջարդերով ու իր պապենական հողերէն հայութեան արտաքսումով: Հայեր տարագրուեցան դէպի Տէր Զօր, որ վերջին հանգրուանն էր հաւաքական ջարդերու: Թուրքը տիրացաւ հայուն պատկանող կալուածներուն եւ ստացուածքներուն, դարերու մշակութային ժառանգութեանց, որոնց փճացման լծուած է մինչեւ այսօր…

Շուրջ 30 տարի առաջ ծնունդ առաւ հայութեան համար ահաւոր դժոխք հանդիսացած` Տէր Զօրի մէջ յուշակոթող մը կանգնելու մտածումը եւ շուտով իրականութիւն դարձաւ: Ի տարբերութիւն միւս յուշարձաններուն` Տէր Զօրի յուշահամալիրը կառուցուած է Ցեղասպանութեան գլխաւոր մէկ վայրին վրայ, երբ Տէր Զօրը արդէն հոմանիշ դարձած էր մեր մեծ ողբերգութեան: Կոթողը կոչուեցաւ Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիր` ոգեկոչելու համար յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:

Տէր Զօրի յուշահամալիրին մէջ կան շարք մը խորհրդանիշներ, ինչպէս` հայ ժողովուրդի նահատակութիւնը, վերածնունդը, հերոսական պայքարը` թուրք բռնակալին դէմ, հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը, նաեւ հայուն երախտագիտական զգացումները` իր հողերուն վրայ ջարդերէն փրկուածները հիւրընկալելու արաբ ժողովուրդին հանդէպ: Հոս պէտք է շեշտել, որ արաբ ժողովուրդը չի կրնար քանդած ըլլալ այս յուշակոթողը, որ նաեւ կը խորհրդանշէ հայութեան երախտագիտութիւնը հիւրընկալին հանդէպ:

Համալիրին պաշտօնական օծումը կատարուեցաւ 5 մայիս 1991-ին` ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին, մասնակցութեամբ Բերիոյ թեմի օրուան առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի, որ մեծ դեր ունեցաւ շինարարական աշխատանքի ղեկավարման մէջ: Օծման արարողութեան ներկայ էին աշխարհի տարբեր շրջաններէն եկած հազարաւոր ուխտաւորներ, երեւելի հոգեւորականներ ու անձնաւորութիւններ. բոլորն ալ եկած էին անշիրիմ նահատակներուն յիշատակը յարգելու:

Համալիրը կարճ ժամանակի մէջ դարձաւ Ցեղասպանութենէն ետք ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած հայութեան ուխտատեղին, անշիրիմ նահատակներուն հաւաքական գերեզմանը:

Տարբեր առիթներով Տէր Զօր այցելած ու յարգանքով խոնարհած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներ` Գարեգին Բ. ու Արամ Ա., Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ., Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, յաւուր պատշաճի իրենց պատգամը ուղղելով հայութեան: Այցելուներուն շարքին եղած են հայրենի պետական այլ անձնաւորութիւններ ու հասարակական դէմքեր, ինչպէս նաեւ` սփիւռքեան երեւելի անձնաւորութիւններ:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակը Հայաստանի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ 2015-ին. սգատօնին ներկայ էին կարգ մը երկիրներու նախագահները, պետական ու կրօնական ներկայացուցիչները եւ այլ յայտնի դէմքեր: Նոյն տարին 100-ամեակը պատշաճ շուքով նշուեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին Ուաշինկթընի մէջ` ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի, ինչպէս նաեւ` հայկական քոյր եւ օտար եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն: Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնը կը ներկայացնէին փոխնախագահ Ճօ Պայտընը եւ ՄԱԿ-ի մէջ դեսպան Սըմանթա Փաուըրը*: Ներկայիս ամերիկեան աւելի քան 45 նահանգներ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն դաշնակցային կառավարութիւնը, քաղաքական որոշ նկատառումներով, տակաւին պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Վերջին տարիներուն Պոլսոյ հայութիւնը, կարծես յաղթահարած` իրեն պարտադրուած «ստորակայութեան» զգացումը, քաջութիւնը ունի ապրիլ 24-ի առիթով սգահանդէսներ կազմակերպելու` պարզելով ու ցուցադրելով հայ նահատակ մտաւորականներու եւ երեւելիներու մեծադիր նկարները: Կ՛ուզեմ շեշտել Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող երկլեզու շաբաթաթերթին ու անոր նախկին քաջարի խմբագիրին` Հրանդ Տինքին ունեցած բարերար դերը: Բոլորիս ծանօթ է Հրանդ Տինքին վիճակուած ճակատագիրը. ան իր արի կեցուածքին պատճառով անարգօրէն սպաննուեցաւ իր թերթի խմբագրատան սեմին… Միւս կողմէ` բազմաթիւ թուրք մտաւորականներ ու հասարակական գործիչներ արդէն կ՛ընդունին Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, եւ անոնց թիւը հետզհետէ կ՛աճի: Անոնց շարքին է Նոպէլեան մրցանակակիր Օրհան Փամուքը:

Մատուռը բազմանիստ կեդրոնագմբէթ կառոյց մըն է, որ կարելի է դիտել բոլոր կողմերէն: Գմբէթին լուսամուտները խաչքարեր կը յիշեցնեն: Մատրան ներսիդին կան 8 վերասլաց սիւներ, որոնք կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդի վերածնունդն ու ձգտումը` դէպի ազատութիւն:

Մատրան ներքնայարկը կը կոչուի Նահատակման սրահ, որուն կեդրոնէն ու առաջին յարկին գետինին վրայ բացուածքէն վեր  կը խոյանայ սիւնակոթող մը: Կոթողի խարիսխին, ապակեայ դարաններու մէջ զետեղուած են Տէր Զօրի ու շրջակայ անապատներէն բերուած հայ անյայտ նահատակներու աճիւններ:

Համալիրին բակը շրջապատող իւրաքանչիւր ճակատ ունի ճարտարապետական ինքնուրոյն լուծում: Խաղաղութեան նուիրուած ճակատին վրայ կայ քրիստոնէական մեր հաւատքը խորհրդանշող խաչ մը, որուն երկու կողմերուն` խաղաղութիւն խորհրդանշող աղաւնիներ:  Հերոսներուն նուիրուած ճակատին կան երկու արծիւներու քանդակներ, որոնք կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարները` ի խնդիր իր գոյատեւման:

Բակին գլխաւոր ճակատը նուիրուած է հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութեան. հոն կանգնած են երկու աղբիւրներ` համապատասխան քանդակներով:

Ս. Նահատակաց յուշահամալիրը կառուցուած է հայկական ճարտարապետութեան հարազատ ոճով, որ ապացոյց է մեր ազգային դիմագիծին ու մեր անցեալի փառաւոր մշակութային ժառանգութեան:

Ներքնասրահին մէջ ցուցադրուած են Ցեղասպանութիւնը պատկերող լուսանկարներ, իսկ ճակատին կայ քանդակ մը, ուր հայ մայր մը իր զաւակին հայերէն Ա., Բ., Գ.  կը սորվեցնէ Տէր Զօրի անապատի աւազին վրայ:

… Ցեղասպան թուրքին ժառանգորդները մօտիկէն կը հետեւէին այս յուշակոթողի կանգնումին ու անոր ստացած արժէքին. անոնք օրին չկրցան համոզել Սուրիոյ իշխանութիւնները, որպէսզի չթոյլատրեն այսպիսի յուշակոթողի մը կառուցումը: Հայ ժողովուրդը երախտագիտութեան խոր զգացումներ կը տածէ սուրիացի ժողովուրդին ու պետութեան նկատմամբ. պէտք է յիշել, որ օրուան նախագահը քաջածանօթ էր Սուրիոյ տարբեր բնագաւառներու զարգացման մէջ հայութեան բերած նպաստին, իսկ անոր հայրը Ցեղասպանութեան օրերուն մեծապէս օգտակար եղած է Լաթաքիոյ շրջանը ապաստանած հայ գաղթականներու:

Ոճրածին թուրքերը պատեհ առիթի մը կը սպասէին, որպէսզի քանդեն յուշակոթողը: Անիկա աղաղակող արատ մըն էր իրենց ճակատին:

Եւ ահա առիթը ներկայացաւ, երբ քանի մը տարի առաջ Սուրիա ինկաւ «քաղաքացիական պատերազմ»-ի յորձանուտին մէջ: Ծայրայեղական ընդդիմադիրներ եւ վարձկան զինեալ խմբակներ, գրաւելով Տէր Զօրը, պայթեցուցին նաեւ մեր նահատակներուն յուշակոթողը, որ լուռ, բայց ապրող վկայ մըն էր հայ ժողովուրդին դէմ թուրքերուն ծրագրած ու գործադրած ահաւոր ոճիրին: Քանդումն իսկ յաւելեալ վկայութիւն է այս ճշմարտութեան…

Կասկած չկայ, թէ որո՛ւ թելադրանքով կատարուեցաւ քանդումը: Յիշեցնենք, որ համալիրին մէջ կայ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը խորհրդանշող պատ մը, որուն վրայ արաբերէնով արձանագրուած է հայութեան երախտագիտական զգացումները` սուրիացի արաբ ժողովուրդին նկատմամբ: Արաբն ալ երախտամոռ չէ…

Ներկայիս Սուրիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւնները մեծ մասամբ վերջ գտած են: Երբ խաղաղութիւնը վերջնական ու ամբողջական կերպով վերահաստատուի, Տէր Զօրի համալիրը պիտի կառուցուի պէ՛տք է վերակառուցուի ու վերստին դառնայ ուխտապահ հայութեան ժամադրավայրը:

Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ մեծ փորձառութիւններ ապրած է. երբ խաղաղութիւն տիրած է, ան վերականգնած է բարբարոսներու կողմէ քանդուածը` անիկա ըլլայ եկեղեցի թէ պատմական կոթող: Իսկ պէտք կա՞յ կրկնելու, թէ Տէր Զօրի յուշակոթողը ինչպիսի՛ իւրայատուկ տեղ ունի մեր բոլոր յուշակոթողներուն շարքին:

(*) Սըմենթա Փաուըրը իր «Փրոպլըմ ֆրամ Հել» գիրքին մէջ էջեր յատկացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան:

 

Նախագահ Թրամփ Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Երկու Ապտակ Ստացաւ ՄԱԿ-ի Մէջ

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
եւ խմբագիր

Անցեալ ամիս նախագահ Թրամփ երկու նոր մեծ սխալ աւելցուց երկրի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան մէջ, ամբողջ տարուան մը ընթացքին գոյացած սխալ որոշումներու երկար ցանկին վրայ:

18 դեկտեմբեր 2017-ին Միացեալ Նահանգներ վեթօ դրին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի այն որոշման դէմ, որ կոչ կ՛ընէր չեղեալ նկատել նախագահ Թրամփի` Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը այնտեղ տեղափոխելու յայտարարութիւնը: Ապահովութեան խորհուրդի միւս բոլոր 14 անդամները, ներառեալ` Մեծն Բրիտանիա եւ Ֆրանսա, կողմ քուէարկեցին բանաձեւին, որ իրաւացիօրէն կը պնդէր, թէ` «Երուսաղէմի վերջնական կարգավիճակի հարցը պէտք է լուծուի բանակցութիւններու միջոցով»: Անիկա նաեւ կոչ կ՛ընէր բոլոր պետութիւններուն` ձեռնպահ մնալու իրենց դիւանագիտական առաքելութիւնները Երուսաղէմ տեղափոխելու հարցին մէջ:

Երուսաղէմի կարգավիճակը բաւական վիճայարոյց եւ զգացական հարց է հրեաներուն, մահմետականներուն եւ քրիստոնեաներուն համար:

Իսրայէլ գրաւած էր Երուսաղէմի արեւելեան հատուածը` 1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմին ընթացքին եւ զայն միացուցած էր իրեն` խախտելով միջազգային օրէնքը: Իսրայէլ Երուսաղէմը կը նկատէ իր «անբաժանելի եւ յաւերժական մայրաքաղաքը»: Միւս կողմէ` պաղեստինցիները արեւելեան Երուսաղէմը կը նկատեն ապագայ Պաղեստին պետութեան մայրաքաղաքը:

ՄԱԿ-ի քուէարկութենէն անմիջապէս ետք Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպաս յայտարարեց, որ պիտի մերժէ տեսակցիլ փոխնախագահ Մայք Փենսի հետ, Միջին Արեւելք անոր յառաջիկայ այցելութեան ընթացքին: Աւելի ուշ ուղեւորութիւնը յետաձգուեցաւ: Բազմաթիւ իսլամական երկիրներու մէջ հազարաւոր ցուցարարներ բողոքի ցոյցեր կատարեցին նախագահ Թրամփի` Երուսաղէմի վերաբերեալ որոշման դէմ: Պաղեստինի ղեկավարութիւնը յայտարարեց, որ ինք այլեւս չի ճանչնար Միացեալ Նահանգները` իբրեւ կռուող կողմերու միջեւ խաղաղութեան անաչառ միջնորդի:

Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ՄԱԿ-ի Միջին Արեւելքի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Նիքոլայ Մլատենով զգուշացուց, որ նախագահ Թրամփի միակողմանի գործողութիւնը կը նուազեցնէ խաղաղութեան հնարաւորութիւնները` «խոչընդոտելով չափաւորականները եւ ուժեղացնելով արմատականները»:

Նախագահ Թրամփ իր որոշումը արդարացուց` հիմք ընդունելով Քոնկրեսին կողմէ 1995-ին ընդունուած օրէնքը` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելու մասին: Սակայն այդ ժամանակէն սկսեալ Միացեալ Նահանգներու բոլոր նախագահները ազգային անվտանգութեան մտահոգութիւններէ մեկնած` վեց ամիս անգամ մը յետաձգած են տեղափոխումը: Անոնք չեն փափաքած վնաս հասցնել արաբ-իսրայէլեան խաղաղ բանակցութիւններուն եւ կամ բորբոքել արաբական եւ իսլամական աշխարհի կիրքերը:

Այն փաստը, որ Թրամփ իր նախընտրական քարոզչութեան ժամանակ խոստացած էր ամերիկեան դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրել, չի կրնար արդարացնել անոր վերջին որոշումը: Մէկ տարի առաջ ես գրած էի, որ Թրամփ անխոհեմ խոստում մը տուած էր, որուն կատարումը կրնար վտանգաւոր ըլլալ:

Միացեալ Նահանգներու համար հարցը աւելի խորացնելով` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը, ուր Միացեալ Նահանգներ վեթոյի իրաւունք չունի, 21 դեկտեմբեր 2017-ին ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ բանաձեւ մը ընդունեց` Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող նախագահ Թրամփի որոշումը «անվաւեր» յայտարարելով: Միացեալ Նահանգներու պէս գերտէրութեան մը համար շատ վիրաւորական է ունենալ դէմ քուէարկած 128 երկիր, միայն 8 թեր, 35 ձեռնպահ եւ 21 բացակայ երկիրներ: Այսպիսով, Թրամփ Միացեալ Նահանգները ծիծաղի առարկայ դարձուց ամբողջ աշխարհին առջեւ, մանաւանդ որ Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլի աջակցեցան միայն անծանօթ եւ փոքր երկիրներ, ինչպէս` Թոկօ, Միքրոնեզիա, Մարշալեան կղզիներ, Նաուրու եւ Փալաու:

Ընդհակառակն, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ շատ մեծ երկիրներ դէմ քուէարկեցին Միացեալ Նահանգներու, օրինակ` Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա, Պելճիքա, Դանիա, Ֆինլանտա, Յունաստան, Թուրքիա, Իտալիա, Ճափոն, Հոլանտա, Նորվեկիա, Փորթուգալ, Հարաւային Քորէա, Սինկափուր, Հարաւային Ափրիկէ, Սպանիա, Շուէտ եւ տասնեակ այլ երկիրներ:

Կարծես թէ այս ծանր կացութիւնը քիչ էր, նախագահ Թրամփ եւ ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքի Հէյլի հպարտօրէն յայտարարեցին, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի դադրեցնեն իրենց կողմէ տրամադրուող օգնութիւնը այն երկիրներուն, որոնք իրեն դէմ քուէարկեցին:  Ասիկա ծիծաղելի յայտարարութիւն է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ չեն պատրաստուիր իրենց օգնութիւնը դադրեցնելու այս 128 պետութիւններէն գոնէ մեծ մասին ուղղուած: Աւելի՛ն. երբ Միացեալ Նահանգներու նման հզօր պետութիւն մը կը տրամադրէ արտաքին օգնութիւն, այդ  կ՛ընէ` մեկնած իր սեփական շահերէն: Դադրեցնելով օգնութիւնը` Միացեալ Նահանգներ վտանգի տակ կը դնեն իրենց ազգային շահերը: Ամերիկեան օգնութեան տրամադրումը չի նշանակեր, որ Միացեալ Նահանգներ  ինքնաբերաբար կը գնեն այլ երկրի մը անկախ իրաւունքը այն մասին, թէ ան ինչպէ՛ս պէտք է քուէարկէ ՄԱԿ-ի մէջ, կամ կը փորձէ ստիպել տուեալ երկրին` հնազանդիլ իրեն:

Ինչ կը վերաբերի Երուսաղէմի հարցին, հայկական մամուլին մէջ շատ քննարկումներ եղան Հայաստանի` ՄԱԿ-ի մէջ 21 դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներուն դէմ կատարած քուէարկութեան նպատակայարմարութեան մասին: Մտավախութիւն կար, որ Հայաստան Միացեալ Նահանգներէն պիտի չստանայ արտաքին օգնութիւն եւ Իսրայէլի կողմէ պիտի դիտուի իբրեւ թշնամի:

Իմ կարծիքով, այս երկու տեսակէտները հիմնաւորուած չեն: Համոզուած եմ, որ Քոնկրեսին մէջ Հայաստանի կողմնակիցներուն մեծ մասը պիտի վերահաստատէ օգնութիւնը` ընդդէմ Սպիտակ տան ցանկութեան, եթէ, անհաւանականօրէն, Թրամփ իրականացնէ իր սպառնալիքը:

Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն, ապա Հայաստան ոչ մէկ վտանգ պիտի դիմագրաւէ, քանի որ Իսրայէլ ցարդ բարեկամաբար տրամադրուած չէ Հայաստանի նկատմամբ: Իսրայէլ դեսպանատուն չունի Երեւանի մէջ, կը մերժէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ մահացու զէնքեր կը վաճառէ Ազրպէյճանին` հայեր սպաննելու համար: Նոյնիսկ Ազրպէյճան, հակառակ Իսրայէլի հետ իր ջերմ յարաբերութիւններուն, դէմ կը քուէարկէ Ամերիկայի որոշումին: Աւելորդ է ըսել, որ Թուրքիա նոյնպէս դէմ քուէարկած է այդ որոշումին:

Բացի այդ, ՄԱԿ-ի մէջ քուէարկութենէ ձեռնպահ մնալը կամ բացակայ ըլլալը անկէ` Հայաստանը պիտի մեկուսացնէր աշխարհի մնացեալ պետութիւններէն, արաբական եւ իսլամական երկիրներու հայ համայնքներէն եւ պիտի հակասէր Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի ցանկութեան. հայոց հոգեւոր իշխանութիւնը դատապարտած էր Միացեալ Նահանգներու որոշումը:

Վերջապէս, Իսրայէլի ղեկավարները պէտք չէ ողջունեն Երուսաղէմի վերաբերեալ Թրամփի որոշումը, քանի որ այդ մէկը չի բխիր Իսրայէլի շահերէն` թշնամանալ մնացեալ աշխարհին հետ եւ մեկուսացնել ինքզինք: Իսրայէլ պէտք է դէպի իր կողմ թեքէ այլ երկիրներ, յատկապէս պաղեստինցիները` բանակցութիւններու միջոցով հասնելով հարցի խաղաղ կարգաւորման, այլ ոչ թէ` ուժի կիրարկման կամ բռնութեան ճամբով…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Թուրքիա Մ. Նահանգներու Բարեկա՞մ, Թէ՞ Բարեկամանման Թշնամի

0
0

ՍԹԻՎԸՆ ՔՈՒՔ

Թուրքիա դարձած է Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն բռնատիրական երկիրներէն մէկը: Օրինակ, իշխանութիւններուն կողմէ հոն բանտարկուած եւ սպաննուած մարդոց թիւը կը ներկայացնէ շրջանի ամէնէն բարձր համեմատութիւններէն մէկը: Անշուշտ մարդկային իրաւունքներու վատթարացումը եւ թուրք ղեկավարութեան կողմէ ժողովրդավարական սկզբունքներու բռնաբարումը սկսած է շատ աւելի առաջ, քան` 2016 յուլիսին տեղի ունեցած ձախող յեղաշրջումը, սակայն ամերիկացի ծերակուտականները սկսան դատապարտել այդ վարքագիծը միայն այն ատեն, երբ Մեթին Թոփուզը ձերբակալուեցաւ անցեալ հոկտեմբեր 4-ին:

Մեթին Թոփուզի հարցը ուշագրաւ է, որովհետեւ անիկա չի նմանիր ձերբակալուած հազարաւոր մարդոց պարագաներուն, որոնք կը ներկայացնեն` այլախոհներ, լրագրողներ, խմբագիրներ, քիւրտ քաղաքական գործիչներ, ոստիկաններ, դատաւորներ եւ իրաւաբաններ: Վերջին 30 տարիներուն Թոփուզ կը պաշտօնավարէր Պոլսոյ` ամերիկեան հիւպատոսարանին մէջ իբրեւ թմրեցուցիչներու մաքսանենգութեան արգելակումի գործակալութեան անդամ: Անոր ձերբակալութիւնը դիւանագիտական մեծ խախտում նկատուեցաւ եւ պատճառ դարձաւ, որ Թրամփի վարչամեքենան որոշում տայ դադարեցնելու, բացի ներգաղթի պարագաներէն, բոլոր վիզաները թուրքերու համար, որուն դիմաց թրքական կառավարութիւնը որոշեց Թուրքիա մուտքի արտօնագիր չտալ բոլոր ամերիկացիներուն:

Կը նախատեսուէր, որ այս հարցին լուծում մը գտնուէր Թուրքիոյ վարչապետ Եըլտըրըմի վերջերս Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ընթացքին: Սակայն քիչ բան կար խօսելիք «վիզայի տագնապին» մասին, որովհետեւ անիկա կապուած է Թուրքիոյ քաղաքական ներքին հարցերուն, որոնք հազարաւոր մղոններ հեռու` կը փորձեն միջամուխ ըլլալ Մ. Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան տնօրինումներուն, եւ եթէ առիթ տրուի, Թուրքիոյ տիրակալները պիտի փորձեն տկարացնել նաեւ օրէնքի գերակայութիւնը այդ երկրին մէջ:

Ամերիկացիներուն մեծամասնութիւնը շատ հաւանաբար գաղափար չունի, որ աշխարհի տարածքին ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութիւնները պիտի չկարենան գործել առանց հիւրընկալ երկիրներու քաղաքացիներուն, որոնք կ՛աշխատին Միացեալ Նահանգներու համար: Այդ պաշտօնեաները կը կատարեն ամէն տեսակի գործառութիւններ: Անոնք կը հանդիսանան առաջին անձերը, որոնց կը հանդիպինք մարինզներէն ետք, երբ կ՛այցելենք դեսպանատուն մը կամ հիւպատոսարան մը: Անոնք վարորդներ են, մաքրողներ եւ խոհարարներ, ինչպէս նաեւ` զանազան մարզերու խորհրդատուներ:

Այս նուիրեալ անձերը` տղամարդիկ եւ կանայք, նաեւ տնտեսական եւ քաղաքական վերլուծաբաններ են, մշակութային գործերու պատասխանատուներ եւ տնտեսական զարգացման մասնագէտներ: Նկատի ունենալով, որ ամերիկացի դիւանագէտներ

միայն մէկէն երեք տարուան համար կը գործուղուին արտերկիր, հիւրընկալ երկիրներու այդ պաշտօնեաներն են, որ կ՛ապահովեն հաստատութենական յիշողութիւնն ու շարունակականութիւնը այդ կառոյցներուն: Թոփուզի ձերբակալութենէն ետք թրքական կառավարութիւնը աւելի եւս սաստկացուցած է իր հալածանքները: Հոկտեմբերի սկիզբը ոստիկանները խուզարկած են Պոլսոյ հիւպատոսարան աշխատող մէկ այլ պաշտօնեայի` Մեթէ Չենթրուքի բնակարանը, եւ կարճ ժամանակով ձերբակալած են նաեւ անոր կինն ու դուստրը: Չենթրուքը երբեք չէ ձերբակալուած` հակառակ թրքական իշխանութիւններու պնդումներուն, որ ան Փենսիլվանիա աքսորուած ընդդիմադիր հոգեւորական Ֆեթհուլլա Կիւլենի կողմնակիցներէն մէկն է:

Թոփուզի ձերբակալութիւնը կը յաջորդէր Մ. Նահանգներու` Ատանայի հիւպատոսարանի երկարամեայ աշխատակից Համզա Ուլուչայի ձերբակալութեան, որ անցեալ տարուան մարտին բանտարկուած էր: Երկուքն ալ կ`ամբաստանուին «ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու յանցանքով»: Թրքական կառավարութիւնը ինչո՞ւ կը ձերբակալէ այս պաշտօնատարները: Անգարայի մէջ պաշտօնական տեսակէտը պարզ է: Թոփուզ Կիւլենի կողմնակիցներէն մէկն է եւ, առ այդ, կ՛ամբաստանուի իբրեւ մեղսակից` անցեալ տարուան յեղաշրջումի փորձին: Պետական հարցաքննիչները կը պնդեն, որ, օրինակ, Թոփուզ բացայայտ կապի մէջ էր այլ կասկածելիներու հետ:

Գրեթէ անկարելի է գիտնալ իրականութիւնը, թէ Թոփուզ իսկապէս յանցաւո՞ր է ըստ մեղադրանքի, թէ՞ ոչ: Թուրքիոյ մէջ դատախազները յաճախ ոչ միայն ոչ անաչառ կերպով կը կիրարկեն իրաւական գործընթացը իրաւաքննութեան ենթակայ անձերու նկատմամբ, այլեւ կը գործեն իբրեւ կամակատարները Էրտողանի եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան: Այլ խօսքով, անոնք իրենց հետաքննական իրաւունքը կ՛օգտագործեն կործանարար հետեւանքներով` ոչնչացնելով ոչ միայն մեղադրեալներու կեանքը, այլեւ` Թուրքիոյ այժմու բեւեռացած քաղաքական միջավայրին մէջ` անոնց ընտանիքները:

Յուլիսեան յեղաշրջման եւ ընդհանրապէս ենթադրեալ կիւլենիստական դաւադրութեան մը մասին մամլոյ տեղեկութիւնները նոյնպէս խաթարուած են: Վերջին տասնամեակին լրագրողներու եւ խմբագիրներու ձերբակալութիւնները այնպիսի մթնոլորտ ստեղծած են Թուրքիոյ մէջ, որ մամուլի մէջ աշխատողներու մեծամասնութիւնը կա՛մ կոպիտ փրոփականտիսթ է, կա՛մ կը վախնայ վարչակարգէն:

Բացայայտ է, որ Թոփուզի եւ անոր գործընկերներուն ձերբակալման պաշտօնական բացատրութիւնները փաստօրէն իրականութիւնը չեն արտայայտեր: Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան նոյնիսկ պատահական դէտերը գիտեն, որ թրքական կառավարութիւնը կը պնդէ 1990-ի վերջերէն ի վեր Մ. Նահանգներ ապաստանած Ֆեթհուլլա Կիւլենի յանձնումի պահանջին վրայ, որպէսզի ան դատուի 2016-ի յեղաշրջման մէջ իր ունեցած դերակատարութեան համար` ըստ թրքական պնդումներուն:

Թուրք պաշտօնատարները կը պնդեն, որ իրենք Մ. Նահանգներու արտաքին եւ արդարադատութեան նախարարութեան տրամադրած են յեղաշրջման փորձին մէջ Կիւլենի անմիջական դերակատարութեան մասին փաստեր: Սակայն ցարդ Կիւլենը Թուրքիոյ յանձնելու ոչ մէկ նշան կայ: Ակնյայտ է, որ ամերիկացի փաստաբանները չեն հաւատար, որ Կիւլենի դեմ ներկայացուած ապացոյցները այնքան ալ հաւաստի են, ինչպէս կը պնդեն թուրքերը: Արդի՞ւնքը, թրքական զայրոյթ, որ Կիւլենի ապահով կեցութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ կ`ամրապնդէ թրքական տարածուած այն համոզումը, որ Ուաշինկթըն ձեւով մը մեղսակից է յեղաշրջման փորձին: Թուրքերը ամէն բան կ՛ընեն Կիւլենը հեռացնելու Միացեալ Նահանգներէն` յանձնումի գործընթացին տալով քաղաքական գունաւորում, ձեւ եւ թրքական ոճ, մինչ ամերիկացիներուն համար անիկա ունի զուտ իրաւաբանական բնոյթ:

Նոյնպէս, թուրքերը կը փորձեն խոչընդոտել Ռեզա Զարրապի դատավարութիւնը Մ. Նահանգներու մէջ: Զարրապ իրանցի թուրք գործարար է, որ ձերբակալուած է 2016 մարտին` դրամատնային զեղծարարութեան եւ Պոլսոյ մէջ ոսկիի վաճառականներու եւ թրքական պետական «Հալգըպանք»-ի մեղսակցութեամբ Իրանի դէմ հաստատուած ՄԱԿ-ի պատժամիջոցները շրջանցելու յանցանքներով: Զարրապի դատավարութիւնը կը նեղացնէ Էրտողանն ու իշխող կուսակցութիւնը երկու ձեւով: Նախ, Զարրապը սերտ կապեր ունեցած է թրքական կառավարական շրջանակներու հետ` բարձրագոյն մակարդակներու վրայ: Եթէ նախաքննական հետապնդումներու եզրակացութիւնները, զորս Նիւ Եորքի հարաւային շրջանի դատախազները հաւաքած են, ներկայացուին դատարան, շատ հաւանաբար բաւական թրքական աղտոտ լուացք փռուի դատարանի դահլիճին մէջ:

Երկրորդ, պատժամիջոցներէն խուսափելու Զարրապի եւ «Հալգըպանք»-ի բացայայտումները կրնան լուսարձակի տակ առնել թրքական այլ դրամատուներ: Մամլոյ տեղեկութիւններ անցեալ հոկտեմբերին կը նշէին, որ թրքական հինգ դրամատուներ կրնան մինչեւ 6 միլիառ տոլար տուգանքի ենթարկուիլ` պատժամիջոցները խախտելու յանցանքով: Թուրք պաշտօնատարներ կը հերքեն այդ լուրերը, իսկ Էրտողան Զարրապի դատավարութիւնը կը նկատէ ուղղուած իրեն դէմ` իբրեւ մէկ արտայայտութիւնը զինք վար առնելու ամերիկացիներու ջանքերուն: Այնուամենայնիւ, եթէ Միացեալ Նահանգները իսկապէս պատժամիջոցներ որդեգրեն թրքական դրամատուներու, նման քայլ մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Թուրքիոյ ամբողջ դրամատնային մարզին վրայ եւ կրնայ վնաս պատճառել Էրտողանի եւ անոր կուսակցութեան քաղաքական հեռանկարներուն:

Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ ունեցած իր վերջին հանդիպումին ընթացքին Էրտողան հարց տուած է, թէ արդեօք նախագահը կրնա՞յ որեւէ բան ընել Զարրապի հարցին վերաբերեալ: Ան նոյն հարցը արծարծած է նախագահ Թրամփի հետ իր առաջին հանդիպման ժամանակ: Թրամփի երդման արարողութենէն անմիջապէս ետք, Զարրապի պաշտպան փաստաբաններու կազմին կը միանայ Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Ռուտի Ճուլիանին, որ կը նկատուի Թրամփի սերտ դաշնակիցներէն: Տակաւին, Զարրապի դէմ ամբաստանագիր ներկայացուցած ընդհանուր դատախազ Փրիթ Պհարարան պաշտօնազրկուած է: Այնուամենայնիւ, Զարրապի դատավարութեան թուականը կրնայ յայտարարուիլ այս ամսուան ընթացքին:

Հարցում. կրնա՞յ ըլլալ, որ Թոփուզի եւ Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան հաստատութիւններու մէջ այլ թուրք պաշտօնատարներու ձերբակալութիւնները Մ. Նահանգներու վրայ ճնշում բանեցնելու միջոցներ են Կիւլենի եւ / կամ Զարրապի վերաբերեալ որեւէ համաձայնութեան մը յանգելու նպատակով: Ամերիկացիներուն համար գրեթէ անկարելի է հաւատալ, սակայն անցեալ սեպտեմբերին Էրտողան ակնարկած է, որ թրքական կառավարութիւնը պատրաստ է ազատ արձակելու Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած ամերիկացի կղերական Անտրիւ Պրունսընը` Կիւլենի յանձնումին փոխարէն: Պրունսընը Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած առնուազն 15-20 ամերիկացիներէն մէկն է, որոնք ամբաստանուած են յեղաշրջման փորձին մասնակից ըլլալու կամ քրտական ՔԱԿ-ին օժանդակելու յանցանքներով: Մ. Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդհանրապէս խուսափած էր մեկնաբանելէ ձերբակալութիւնները` մինչեւ Թոփուզի ձերբակալութիւնը: Միջազգային ներումի համաձայն, ձերբակալուած ամերիկացիները «պատանդներ» են:

Թուրքիոյ հետ Մ. Նահանգներու յարաբերութիւնները յաճախ բնորոշուած են իբրեւ ռազմավարական կամ օրինակելի: Արդեօ՞ք: Այդ երկիրը շատ ալ բարեկամի չի նմանիր: Անիկա աւելի «բարեկամանման թշնամի» է:

https://www.salon.com/2017/11/12/turkey-friend-or-frenemy-a-tangled-relationship-keeps-getting-worse/

 

2018 Հաւատքի Հայկականացման Տարի

0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական դպրոցին մէջ, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքներէն մեկնելով սորված ենք, թէ կրօնը խղճի հարց է: Այլ խօսքով` Դաշնակցութիւնը իր աշխարհահայեացքով կրօնը կը թողու իր ընկերներու ազատ կամքին եւ ինք խտրականութիւն չի դներ Դաշնակցութեան շարքերը եկող ընկերներու միջեւ կրօնական տարբերութեան պատճառով:

Ու թերեւս զարմանալի թուի, որ դաշնակցական ընկեր մը խօսի եկեղեցւոյ ու հաւատքի մասին:

Այսուհանդերձ ազատութեան նոյն սկզբունքէն մեկնելով կարելի է լուսարձակի տակ առնել կրօնի խղճի ազատութիւնը` հայկականութեան պրիսմակէն դիտելով հարցը:

Իբրեւ հայ ազգի զաւակներ ու անկախ ներհայկական յարանուանական բաժանումներէն, բոլորս ալ հայ եկեղեցւոյ զաւակներ ենք, կամ գէթ այդպէս կը դաւանինք ըլլալ: Ու այս ընդհանրութեամբ է, որ կը դրսեւորուի հայ ազգի եւ հայ եկեղեցւոյ մեր պատկանելիութիւնն ու միասնութիւնը:

Կրօնական, դաւանաբանական թէ աստուածաբանական մօտեցումներէն թէ տարբերութիւններէն անդին մեր ժողովուրդի գոյութեան, ինքնուրոյնութեան, ինքնապաշտպանութեան գլխաւոր հիմքը կազմած է հայ եկեղեցին ու ան եղած է հայ մարդու եւ հայ քաղաքացիի պորտակապը հայութեան հետ:

Հայ եկեղեցին ազգային եկեղեցի է: Սա ոչ մէկ ձեւով կը նսեմացնէ անոր համաքրիստոնէական արժէքը: Աւելի՛ն` հայ եկեղեցւոյ հանդէպ հայ մարդուն հաւատքը դարձած է ազգային մեր նկարագիրի կերտման ամուր հիմնասիւն:

Աշխարհով մէկ հայութիւնը հարուածող, տկարացնող ու իր ինքնութենէն հեռացնող բազում վտանգներու կարգին իր գլուխը կը ցցէ նաեւ հայ մարդու հաւատքի նահանջը, օտարացումի պատճառով հայ եկեղեցիէն հեռացումն ու բնականաբար հայկականութենէն օտարումը:

Այլ խօսքով` ազգային հայ եկեղեցիէն հայեր կը հեռանան առարկայական պատճառներով կամ կամովին ու կը խոտորին օտարամուտ դաւանանքներու կամ քրիստոնէութեան անունով ապազգային ուղղութիւններ սերմանող նորաբոյս վարդապետութիւններու դաշտին մէջ, առանց խորանալու անոնց թաքուն, բայց իսկական նպատակներուն` ազգակործան թիրախաւորումին մէջ:

Աղանդաւորական շարժումներէ մինչեւ հայ եկեղեցւոյ դաւանանքը, հաւատամքը, մեկնութիւններն ու աւանդութիւնները իբրեւ թէ աւելի ժողովրդային, բացատրելի ու հասանելի դարձնելու «նախանձախնդրութեամբ» զանազան խմբաւորումներ կը շահագործեն հայուն հաւատքը եւ զայն կ՛ուղղորդեն դէպի կասկածելի ճանապարհներ:

Քաղցր խօսքերով, եկեղեցւոյ բարեկարգման նշանաբանով, երբեմն նիւթական շռայլումներով «հոգիի փրկութեան» գործը իրականութեան մէջ կ՛առաջնորդեն ազգայինը վարկազրկելու, հոգին հայաթափելու եւ մարդկային իրաւունքներու անուան տակ այլանդակութիւնները տարածելու իրողութիւն:

Հոս պատասխանատու ենք բոլորս անխտի՛ր:

Եկեղեցւոյ առաջնորդութիւնը, կազմակերպութիւնները իրենց տարբեր գաղափարական ուղղութիւններով եւ ոլորտներով, մշակութային, բարեսիրական երիտասարդական, կրթական, թէ քարոզչական կառոյցները, որոնք թերեւս կրօնի ազատութեան իրենց սկզբունքին մէջ ազգային եկեղեցւոյ հանդէպ հաւատքի նահանջին ու ապազգայնացումին դիմաց անհրաժեշտ ու արագ պայքարը չեն նկատեր առաջնահերթութիւն:

Հայուն հաւատքը նահանջի մէջ է:

Հաւատքի նահանջը կ՛առաջնորդէ հայ եկեղեցւոյ ազգային նկարագիրի նահանջին:

Ու այդ նկարագիրի նահանջը անխուսափելի կերպով մեզ կը տանի եկեղեցւոյ քանդումին: Ապազգայնացման:

2018-ի մարտահրաւէր մը եւս:

Հայ մարդու հաւատքի հայկականացումը:

 

 


Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հեթանոսական

0
0

ԱՆԻ ԱՊԱՃԵԱՆ

Աստուածները միանալով, համադրաբար`
Ներդաշնակութիւն, կատարելագործութիւն,
Ծնունդ տուին անոր:
Ան` ձմրան ամպերէն մութ,
Բարձր, ինչպէս ձիգ լեռներ,
Զօրեղ, ինչպէս կոփուած ժայռերը:
Շուարած, անոր սիրոյն ուժգնութեամբ
Խոչընդոտներու դէմ պայքարեցայ…
Հասայ ճակատին…
Ուզեցի ողջագուրել զայն…
Ամբողջութիւնս վերածուեցաւ
Համբոյրի մը տօթակէզ…
Որ ջերմութեամբ
Արթնցուց զիս երազէս:

2017

Կաղանդի Նուէրը

0
0

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

– Ջո՜ւր ունինք,- կ՛ըսէ Սեւան` խոհանոցին ծորակը դարձնելով,- լո՛յս ալ ունինք,- կը շարունակէ` լոյսին կոճակը սեղմելէ ետք լուսաւոր խոհանոցը տեսնելով,- այս ի՞նչ անակնկալ է, այսինքն վերջացա՞ւ ամէն ինչ: Յովսէ՜փ, ե՛լ, եկո՛ւր` հետս ուրախացիր:

Տարիներէ ի վեր ջուրի ու լոյսի երկար բացակայութիւը, կամ ալ երբեմն միայն ջուրը, երբեմն ալ միայն լոյսը կարճ ժամերով վայելող Սեւան գանձ մը գտածի պէս կը հրճուի ու արագ շարժումներով կը հաւաքէ տան ննջասենեակներուն մէջ կուտակուած հագուստները, մաս առ մաս կը բաժնէ զանոնք` ճերմակները իրարու հետ, սեւերը, գունաւորները, ու առաջին բերան լուացքը կը պատրաստուի տեղաւորել մեքենային մէջ:

– Ուրա՞խ ես, կնի՛կ, հա՛, հա՛, արագ մը լուացքը դիր. հոգիդ ելաւ ձեռքով լուացք ընելէն: Օգնե՞մ, որ շուտ ըլլայ, չես գիտեր, յանկարծ կ՛անջատուի ելեկտրական հոսանքը:

– Չէ՛, անանկ մի՛ ըսեր, թող չանջատուի, հազիւ լոյս տեսանք:

Ու տէր եւ տիկին կը փութան գոնէ լուացք մը տեղաւորելու մեքենային մէջ, մինչ տան երիտասարդուհին մաքրութեան դոյլը կը պատրաստէ, որ սիրտ բանալիք մաքրութիւն մը ընէ` առատ ջուրով ու ընդհանուր մաքրութիւն մը, մէկ կողմէն ալ ջուրին ծորակը բաց կը թողու, որ հաւաքուի անհրաժեշտութեան պարագային օգտագործելու համար: Տան երիտասարդը ջրամբարը կը ստուգէ եւ կը տեղեկացնէ, որ ջուր կը լեցուի հոն եւս:

Շէնքին մէջ մնացած քանի մը ընտանիքներուն վազվզուքը նկատելի է արդէն իսկ աստիճաններէն, երբ մէկը միւսին ետեւէն տղամարդիկ տանիք կը բարձրանան ու կը ստուգեն ջրամբարները: Պատշգամներէն մէկը միւսին կը հաղորդէ աւետիսը, ու կը սկսին հոսիլ ջուրերը` մաքրելով ամէն ինչ, կուտակուած փոշիին ու աղտին հետ. «Հայտէ՛, հիմա մաքրութիւննիս վերջացնենք ու նստինք սապէս համով սուրճ մը խմենք միասին», դրացիները իրարու կը ձայնեն. «Չէ՛, ես պիտի լոգնամ ալ այս առատ ջուրով: Չես գիտեր, յանկարծ նորէն կը կտրուի, ու ծորակները կը լռեն», կը լսուի տիկին Աղաւնիին ձայնը:

Հեւք մը կայ փողոցներուն մէջ, կենսուրախ հեւք մը, սպասուածը գտածի ուրախութիւն մը կը համակէ բոլորը, ինչպէս նաեւ թերահաւատութիւն մը` պատահածին ի տես, «Ահա յանկարծ ջուրը կը կտրուի, ու ելեկտրականութիւնը դարձեալ կ՛անջատուի»-ի մտայնութիւն մը, որ շատ բնական է տարիներով զրկուածներուն համար:

Սեւան լուացքը կը տեղաւորէ ու կը փորձէ մեքենան աշխատցնել: Կոճակը կը դարձնէ, առաջին փորձը չի յաջողիր, մեքենային հոսանքի լարը կը ստուգէ, լոյս կայ կոճակին վրայ, բայց ահա երկրորդ փորձն ալ չի յաջողիր: Ամուսինը կը կանչէ, որ ստուգում մըն ալ ան ընէ…, ապարդիւն: Յովսէփ այս տեսնելով` գլուխը կ՛առնէ ու փողոց կ՛իջնէ:

Ինչո՞ւ այսօր, միթէ չէ՞ր կրնար այսպիսի բան չպատահիլ գոնէ՛ այսօր, ինչո՞ւ ուրախութիւնը չ՛ամբողջանար, ինչո՞ւ, ինչո՞ւ…, այսպէս հարցականները իրարու ետեւէն շարելով ու խորհելով` կը քալէ Յովսէփ: Ձեռքը գրպանը կը տանի, ուր միայն քանի մը հազար կայ, հազիւ մեքենան նորոգելու կրնայ ծառայել, հապա եթէ չաշխատի՞, նորը ինչպէ՞ս կարելի ըլլայ գնել, մանաւանդ այս ամսուան` Կաղանդի ծախսերուն հաշիւն ալ պէտք է ընել…

Ատենին Յովսէփին գրպանը լեցուն էր, ամէն ինչ կրնար առնել ու հոգ չունէր: Բարեկեցիկ կեանք մը կ՛ապրէին պատերազմէն առաջ, շռայլ ծախսով ու առատութեամբ օժտած էր ընտանիքը: Հիմա  պատերազմը խլեց ամէն ինչ: Հապա՛, խօսքով դիւրին է, վեց երկար տարիներու անգործութիւնը, գործարանին կորուստը… Քանի՜ քանի՛ անգամներ ան այս տարիներուն ընթացքին լեցուն գրպանով նստած է այդ դէմի մայթին վրայ ու կազի շիշ մը ապահովելու համար` ժամերով կարգի սպասած: Քանի՜ քանի՛ անգամներ մեծ գումարներ յատկացուցած է տան վառելանիւթը ապահովելու համար: Առատ քսակը կաթիլ առ կաթիլ դատարկուած է, հիմա ամէն քայլի դիմելէ առաջ հազար ու մէկ հաշիւներ կ՛ընէ, որ յանկարծ բացը չձգէ իր ընտանիքը:

Սղաճն ալ գլուխը առեր` կ՛երթայ, նոյնիսկ հացին գինը տասնապատիկ անգամ սղեր է. հապա կանաչեղէ՞նը, մի՞սը, որուն համը մոռցած ըլլալ կը թուի երբեմն: Առաջ ամէն օր միս կ՛ուտէին, հիմա նախ` անվստահելի են միսերը, քանի որ առանց ելեկտրականութեան ո՛ւր պահուիլը անյայտ է անոնց, ուրկէ՞ բերուիլը` անորոշ, ինչի՞ միս ըլլալը` նոյնպէս:

Անգամ մը վստահելի մսավաճառէ մը կէս քիլօ աղացած միս էր առեր Յովսէփ, ուրախութեամբ միսը տուն բերեր ու տոպրակը բանալուն պէս գարշելի հոտի մը տարածուիլը եւ սեւցած միսին գունդը տեսնելէն ետք, ա՛լ չէր համարձակեր միս առնելու. «Հաւ ուտելէն հաւու պէս հաւկիթ ածելու պիտի սկսինք, կնի՛կ», օր մը կատակով ըսած էր կնոջը: Թէեւ հաւու միսին ալ վստահութիւն չունէր, բայց եւ այնպէս կ՛առնէր ու տնեցիները կ՛ուրախացնէր երբեմն:

Այսպէս, երկար տարիներ ռումբերու ու հրասանդերու արկերու տարափին տակ դիմացաւ ընտանիքը, գրեթէ բոլոր հարազատները մեկնեցան` հայրենիք, Քանատա, եւրոպական երկիրներ: Կը զղջայ պահ մը Յովսէփ, որ ինք եւս կրնար պատերազմին սկիզբը մեկնիլ տեղ մը, այդ գումարով, որուն ահա վերջին կաթիլները կը հաշուէ: Լաւ կ՛ըլլար, այո՛, գոնէ փրկած կ՛ըլլար իր երիտասարդ զաւակները այս երկրէն: Ճիշդ է, որ ինք տղայ մը եւ աղջիկ մը ունի միայն, մէկ հատիկները չեն զինուորագրուիր, այս մտածելով ալ արդէն չէր ելած երկրէն ու իր ունեցած կալուածներուն հսկիչ որպէս մնացած էր Յովսէփ, իրեն պէս շատե՜ր մնացին:

Գացողներէն ոմանց տուները կողոպտուեցան, արաբ զինուորներ եկան ու կը բնակին անոնց տուներուն մէջ, ո՞վ ի՛նչ կրնայ ըսել, կամ որո՞ւ կրնայ գանգատիլ,  քանի մը տարիէն ալ անոնց ծնողները կը բերեն ու կը լեցնեն այդ տուներուն մէջ ու կամաց-կամաց կը դառնան պատրաստ տուներու սեփականատէրերը:

Բայց ի՞նչ ընելու է տունն ու տեղը, գործարանս կողոպտեցին, չեմ ալ կրնար երթալ ու տեսնել: Այս ջուրին ու լոյսին գալը թերեւս դրական նշան մը ըլլայ ու խաղաղութիւն բերէ այլեւս: Հը՛, խաղաղութի՞ւն, այսինքն այլեւս ռումբի ձայներ պիտի չըլլա՞ն, այլեւս զինուորներ պիտի չվխտա՞ն մեր թաղերուն մէջ, այլեւս մեր կիներն ու աղջիկները, առաջուան պէս պիտի կարենա՞ն հանգիստ շրջագայիլ փողոցներուն մէջ, առաջուան պէս ապահով պիտի ըլլա՞յ… Չեմ կարծեր, շատ բան տեսանք մենք այս քանի մը տարուան ընթացքին, մեր կիներէն ալ եղան զինուորներուն հետ գացողներ, անոնց հետ հանդիպողներ: Ամէն ոք իր իսկական դէմքով սկսաւ յայտնուիլ, դիմակները չքացան կարծես, անոնց հետ նաեւ չքացան ամօթը, պատիւը երբեմն…

Աստուած հեռու ընէ մեր կիներէն ու զաւակներէն: Գացողը տեսակ մը դժգոհ է, մնացողը` ուրիշ տեսակ, բայց ի՛նչ որ եղաւ մեզի, մեզմէ աւելի մեր զաւակներուն եղաւ, մենք քիչ թէ շատ հանգիստ ու խաղաղ անցեալ մը ունինք, իրենք ի՞նչ պիտի յիշեն այս օրերէն, ինչպէ՞ս պիտի մոռնան, կամ ինչպէ՞ս պիտի ընտելանան խաղաղութեան հետ, եթէ իսկապէս ըլլայ: Բոլորս ալ հիմա է որ պիտի տեսնենք մեր չտեսածները պատերազմի ընթացքին, ճիշդ այնպէս, ինչպէս երբ տաք գնդակը մարմնին մխուի, տաք եղած միջոցին ցաւ չի պատճառեր, այլ` յետոյ, մեր պարագային տասնեակ գնդակներ մխուեցան մեր հոգիներուն մէջ, ունեւորը եղաւ չքաւոր, հակառակն ալ տեղի ունեցաւ, պատերազմի հարուստներն ալ մէջտեղերը կը շրջին, թալանն ու կողոպուտը հիմա է որ պիտի սկսին, ու դեռ ինչե՜ր, ինչե՜ր…

Այսպէս խորհրդածելով` կը քալէ Յովսէփ, լուացքի մեքենայ նորոգող մը կը փնտռէ: Բարեկամներ ունէր ատենին, հիմա ամէն մէկը տեղ մը կը շարունակէ իր կեանքը: Կը քալէ ան, քանի մը թաղ կ՛անցնի թէ չէ, ահա աչք կը ծակեն մայթերուն հասակին շարուած իրերը, խումբ-խումբ անհամաչափ շարուածքով կողք-կողքի, կամ իրարու վրայ, կամ ալ կոյտերու տեսքով, փոշեծածկ ապրանք կայ ամէն տեղ, իւրաքանչիւր կոյտի ետին գլուխը փաթթուած արաբ մը նստած է մայթեզրին ու կը սպասէ յաճախորդի մը: Այս երեւոյթներուն յաճախ կարելի է հանդիպիլ, ամէն փողոցի, կամ շրջանի մէջ. կ՛ըսեն, որ կողոպտուած ապրանքներ են ատոնք, անբնակ տուներէն մարդիկ մտեր ու կողոպտեր են, հոս ու հոն շարած` կը վաճառեն զանոնք. անոնք ալ այս ձեւով կը շարունակեն իրենց կեանքը:

Յովսէփ կը մօտենայ մօտէն տեսնելու, աւելի` ժամանակը սպաննելու ու բան մը մոռնալու միտումով, այլ ոչ թէ հոն բան մը գտնելու: Կը տեսնէ` հին ու նոր կօշիկներ, հագուստներ, արդուկներ, պնակեղէն, խոհանոցային իրեր, ելեկտրական գործիքներ, նոյնիսկ լուացքի մեքենայ մը հոն դրուած է… Ի՞նչ, լուացքի մեքենա՞յ, աւելի ուշադրութեամբ կը նայի, աւելի կը մօտենայ, կը զննէ մեքենան, որ արտաքուստ նոր կ՛երեւի, բայց կարելի չէ ստուգել անոր աշխատանքը, ելեկտրական հոսանքի աղբիւրներ չկան հոս, բայց… նոր կ՛երեւի, իրենց տան մեքենայէն աւելի նոր, կը հարցնէ գինը, արաբը միայն 1500 լիրա կը պահանջէ, գինին յարմարութենէն ալ գոհունակ` Յովսէփ կ՛որոշէ առնել մեքենան:

Սեւանին ուրախութիւնը անսահման է, կը մաքրէ մեքենան ու անմիջապէս գործի կը լծուի: Տէր եւ տիկին կը փորձեն աշխատցնել մեքենան, սակայն ան ո՛չ հոսանք կ՛առնէ, ո՛չ ջուր կը քաշէ, ո՛չ, ո՛չ… Քանի մը անգամ կը փորձեն ու չեն յաջողիր:

Յովսէփ զայրացած` կը բազմի աթոռի մը վրայ, Սեւան կը փորձէ մեղմել ամուսնոյն զայրոյթը, գիտէ ան, որ անկարող են նորը գնելու, կը զբաղեցնէ ամուսինը, հեռատեսիլին առջեւ նստած` կը հետեւին յայտագիրներուն, կ՛ընթրեն ու կը քնանան:

Գիշերը Սեւանին քունը չի տանիր, մտատանջ վիճակով կ՛ելլէ տեղէն, կը նկատէ, որ դեռ ելեկտրականութիւնը չէ անջատուած, ծորակին ջուրը կը հոսեցնէ ու գաւաթ մը լեցնելով` կը խմէ: Խոհանոցն է ան, աչքը դարձեալ կը զարնուի լուացքի մեքենային, այլեւ` մեքենաներուն, նորը` խոհանոցին մէկ պատին յենած, հինը` իր տեղը, մէկի տեղ երկու, երկու բանի չծառայող հսկայ իրեր, ի՞նչ ընելու է… Կը յիշէ, որ դրացիներով երբ սուրճ կը խմէին, մէկը տեղեկացուցած էր նոր երիտասարդի մը մասին, որ լաւ կը նորոգէ լուացքի մեքենաները. «Պէտք է այդ տղուն հեռաձայնի թիւը ճարեմ ու խօսիմ, թող գայ ինքն ալ նայի», կը մտմտայ ինքնիրեն ու կը փորձէ մեքենան քիչ մը անդին հրել, շարժումէն լարերը կ՛իյնան, մէկ լարին ծայրէն բռնելով կը քննէ, թէ ուր կը հասնի ան: Սեւան քիչ թէ շատ կը հասկնայ ելեկտրական բաներէն, յաճախ երբ տան լոյսի կոճակները փճանային, ինք կը նորոգէր, կամ լամբ մը երբ այրէր, կը փոխէր, հիմա իր կարճ խելքովը կը կարծէ, որ պիտի կարենայ լուացքի մեքենային բան մը ընել, այլեւ հրաշք մը պիտի բացայայտէ կարծես իր այս շարժումներով:

Կը շարունակէ լարին հետեւիլ, կը հասնի հոն, ուր բոլոր լարերը ամրացուած են իրարու կապոյտ երիզով մը, անկէ ալ կ՛անցնի, զգուշութեամբ քիչ մը եւս անդին կը տանի մեքենան, ահա լարը, այլեւ բոլոր լարերը կտրուած ու միացուած են դարձեալ կապոյտ երիզով:

«Ինչո՞ւ արդեօք այսպէս կտրուած են անոնք, մասնաւոր կտրուած են կարծես, ու աննկատ կերպով փաթթուած», շշնջալով կը զննէ մեքենային յետսամասը: Կերպընկալէ սեւ տոպրակի մը կը հպի ձեռքը` «Հոս ի՞նչ գործ ունի աս տոպրակը, որ ամրացուած է մեքենային յետսամասի պարապութեան մէջ, այնպէս ամուր, որ չփրթի ու չիյնայ, բայց ի՞նչ կայ արդեօք անոր մէջ», կը քակէ բոլոր երիզները, տոպրակը իր ծանրութեամբ ձեռքը կը բռնէ ու դուրսէն կը շօշափէ` «Արդեօք ի՞նչ կայ մէջը, կրնա՞յ ըլլալ, որ ռումբ մը պահուած ըլլայ», կը սոսկայ Սեւան, բայց կը շարունակէ շօշափել, զգուշութեամբ հոն աթոռի մը վրայ կը նստի ու կամացուկ մը կը զննէ տոպրակին արտաքինը, մետաղներ կան կարծես ու թուղթի կտորներ են զետեղուած տոպրակին մէջ…

Յովսէփ իր տեղէն շշուկներ կը լսէ, ինք եւս հազիւ թէ մրափ մը քաշած էր, ահա ձայներուն ուղղութեամբ կ՛երթայ, աչքերը շփելով` կը տեսնէ Սեւանը, որ տժգոյն դէմքով տոպրակ մը կը շօշափէ, իսկ լուացքի մեքենան հպարտօրէն յառաջացած է խոհանոցին ճիշդ մէջտեղը:

Երկու զոյգ կասկածաւոր ձեռքեր կը շօշափեն տոպրակը, Յովսէփ կ՛որոշէ բանալ զայն, կամ ալ զգուշութեամբ կերպընկալը պատռել ծայրէն` ստուգելու համար թէ ի՛նչ կայ մէջը: Դանակի մը սրածայր մասով կը ճեղքուի տոպրակը, որուն տակը ուրիշ մը եւս կայ, ան ալ կը ճեղքէ Յովսէփ ու ահա աչքին կը փայլին ոսկեգոյն մետաղներ, հանգիստ սրտով աւելի կը բանայ տոպրակը ու ի՛նչ տեսնէ` ահագին ոսկեղէն ու կապոցներով թղթադրամ:

Յովսէփ ու Սեւան փայլուն աչքերով իրարու կը նային:

 

 

Տեսակէտ. Տօներէն Ներշնչուած

0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ընդհանրապէս տօնական օրերը մենք մեզ  վերանայելու, սրբագրելու, ծրագրելու, աւելի լաւին ձգտելու օրեր են:

Կայ մարդ, որ ինքնիրեն սիրահարած է եւ ամէն բան լաւ տեսնելու, ամէն բան ճիշդ տեսնելու միտում ունի: Ամէն բան վարդագոյն տեսնելու խաբկանքով կ՛ապրի: Շուրջը անապա՞տ է, թէ՞ ոչ, զինք սիրողներուն թիւը պակսա՞ծ է, թէ՞ ոչ, աշխարհը քանդուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, ծրագիրները եսակեդրոն, անձնակեդրո՞ն են, թէ՞ ոչ, կարեւոր չէ:

Ամէն բան լաւ է ըսելէն` տեղ մը ինքն ալ սկսած է հաւատալ, որ ամէն բան լաւ է:

Օրինակները շատ են մեր շուրջը` դուրսի աշխարհէն մինչեւ մեր սիրելի հայրենիքին մէջ:

Ո՛չ, ամէն բան լաւ չէ: Սակայն ուշ չէ լաւ ընելու: Ամէն բան լաւ կ՛ըլլայ, եթէ մարդ անկեղծանայ ինքնիրեն հետ: Ամէն բան լաւ կ՛ըլլայ, եթէ հաւաքող ըլլայ: Ամէն բան լաւ կ՛ըլլայ, եթէ կարողականութիւնները համախմբուին: Ամէն բան լաւ կ՛ըլլայ, եթէ հանդուրժողականութիւն տիրէ: Հեռացնելէն, նեղացնելէն, բամբասանքէն, հալածանքէն, ազատ խօսքի զրկումէն, հսկուած գրիչէն կը պարպուին ընկերութիւնները: Տեղ մը մարդ կը սկսի առանձին զգալ: Տեղ մը ամէն մարդ ալ գիտէ, որ եթէ միասնական ուժերը չլարուին, չեն լուծուիր  ծառացած հարցերը:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ կացութիւնը: Երիտասարդները խրտչա՞ծ պիտի մնան, մտաւորականները` լուսարձակներէ հեռո՞ւ, աժան քարոզչութիւնը թող գինովցնէ՞ ընկերութիւնները, եւ ամէն բան լա՞ւ նկատուի:

Ո՛չ, ամէն բան լաւ չէ, բայց Ս. Ծնունդին առիթով պէտք է յուսալ եւ ըսել, որ ուշ չէ, կարելի է ամէն բան լաւ ընել:

 

 

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզը Թրքութեան Գաղափարախօս, Ցեղապաշտութեան Եւ Ազգայնամոլութեան Մարմնացում

0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզ

Թուրանական գործիչ, թրքութեան գաղափարախօս, քարոզիչ, ցեղապաշտութեան եւ ազգայնամոլութեան մարմնացում Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզը (ծնած է 12 յունուար 1905, Քատըքէօյ, Կ. Պոլիս. մահացած է 11 դեկտեմբեր 1975 թուականին, Կ. Պոլիս) եղած է գրող, բանաստեղծ, մտաւորական, հրապարակագիր եւ ուսուցիչ:

Աթսըզը հիմնական կրթութիւնը ստացած է Քատըքէօյի նախ ֆրանսական, ապա գերմանական, յետոյ` արաբական վարժարաններուն մէջ. անկէ ետք մուտք գործած է ռազմական բժշկութեան հիմնարկ: Տիրապետած է բազմաթիւ լեզուներու:

Նիհալ Աթսըզը մանկութեան ականատես եղած է Օսմանեան կայսրութեան վերջին քանի մը տարիներուն, իսկ յետոյ` Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջին տարիներուն: Աթսըզը հետզհետէ վերելք ապրող եւ հող գտած թուրք ազգայնականութեան ազդեցութեան տակ եղած է եւ դարձած` այդ շարժման ուժեղ կողմնակիցը: Աթսըզը ինքզինք տեւական ներկայացուցած է իբրեւ թուրքիստ, ազգայնական եւ թուրանական:

Այդ ժամանակաշրջանին է, որ Աթսըզը սկսած է մնալ թրքութեան գաղափարներու ազդեցութեան տակ: Աթսըզը երրորդ դասարանի աշակերտ եղած շրջանին, Զիյա Կէօքալփի յուղարկաւորութեան գիշերը, թրքութեան գաղափարներուն հակառակող ուսանողներու հետ կռուած է, ապա ծագումով արաբ, պաղտատցի Մեսուտ Սիւրէյեա անունով սպայի մը բարեւ չտալու անկարգապահ վերաբերմունքին պատճառով 4 մարտ 1925 թուականին կը հեռացուի ռազմական բժշկութեան հիմնարկէն:

Այս խնդիրէն ետք, երեք ամիս կը նշանակուի Քապաթաշ արական ճեմարանին մէջ օգնական ուսուցիչ: Իսկ աւելի ուշ կ՛աշխատի նաւու մը վրայ` իբրեւ քարտուղար:

1931 թուականէն ետք թրքութեան ծնունդի եւ տարածումի «տաճար» կոչուած «թուրք օճաղը»-ները եւ «թուրք եուրտու»-ները փակուելէն ետք, թրքապաշտութեան եւ ազգայնամոլութեան մարմնացումը հանդիսացած Աթսըզն էր, որ իր իսկ թրքութեան հրատարակութիւններով կը խրախուսէ թուրք երիտասարդութիւնը` դէպի ազգայնամոլութիւն եւ ցեղապաշտութիւն: Աթսըզը Թուրքիոյ եւ թրքութեան դաւաճանողները զգուշացուցած է, որ` «եթէ Աստուծոյ զայրոյթը այդպիսիներուն վրայ չիջնէ, անոնց վրայ պիտի իջնէ աւելի ահաւոր թուրքի շանթը»:

Հիւսէյն Աթսըզ «Թուրք» (Türk), «թրքութիւն» (Türkçülük), «թուրք հայրենիք» (Türk Ülküsü), «իտէալիզմ» (Ülkücülük), «ազգայնականութիւն» (Milliyetçilik) բառերը պարզ բառեր ըլլալէ դադրեցուց եւ վերածեց քաղաքական բնոյթի ու գաղափարախօսութիւններու:

Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզը կարելի եղած չափով մօտեցած է զուտ թրքերէնի, պարզ եւ ուժեղ լեզուով երգած է ցեղին անցեալի մեծութիւնը, հեռաւոր հայրենիքն ու գալիք փառքը: Ոգեւորութեամբ գովաբանած է Թուրանը, փառաբանած է վերացական հայրենիքը, թուրանեան անցեալի մեծ դէմքերը` Աթթիլաները, Ալփարսլանները, Տուղրիլները, Թիմուրլենկներն ու Ճենկիզ Խաները: Աթսըզը ազգայնամոլական գրութիւններով, յատկապէս մամուլի ճամբով մեծ դերակատարութիւն ունեցած է թրքութեան գաղափարախօսութիւնը տարածելու մէջ:

Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզի զանազան ստորագրութիւններն են` Աթսըզ (Atsiz), Հ. Նիհալ (H. Nihal: Hüseyin Nihal` Հիւսէյն Նիհալ), Նիհալ Աթսըզ (Nihal Atsiz), Չիֆթչիօղլու (Çiftçioğlü), Չիֆթչիօղլու Հ. Նիհալ (Çiftçioğlü H. Nihal), Հ. Չիֆթչիօղլու (H. Çiftçioğlü: Hüseyin Çiftçioğlü ` Հիւսէյն Չիֆթչիօղլու): Իսկ ծածկանուններն են` Ե. Տ. (Y.D.), Թ. Պայընտըրլը (T. Bayindirli), Սելիմ Փուսաթ (Selim Pusat), Սուրուրի Էրմեթէ (Sururi Ermete), Պոզքուրթ (Bozkurt), Ատսըզ Տերկի (Adsiz Dergi) եւ «Ռուհ Ատամ» («Ruh Adam» «Հոգիէ մարդը»):

Աթսըզ եղած է «Իւլքիւճիւ» (գաղափարապաշտ) շարժումի ռահվիրայ ու ոգեշնչող ուժը: «Իւլքիւճիւներ»-ու (գաղափարապաշտներու) շարժումը հիմնաւորուած է «ազգի միասնականութիւնը եւ հայրենիքի ամբողջականութիւնը» պահպանելու համար մղուող պայքարին վրայ: Անոնց տեսակէտով, «Ով որ այս գործը կը խանգարէ կամ այդ շարժման մէջ կասկածելի կը նկատուի, պէտք է անոր դէմ պայքարիլ»: Այդ ժամանակաշրջանին «իւլքիւճիւներ»-ը իրենք զիրենք կը կոչէին «ազգային-գաղափարապաշտներ»:

Աթսըզի նշանաւոր քաղաքականացուած «Ստորաքարշութեան գիշերը» («Տալքաւուքլար կեճեսի», «Dalkavuklar Gecesi») գրքոյկը, 26 մայիս 1941 թուականին հրատարակուած եւ կարճ ժամանակամիջոցին մէջ գրախանութներէ հաւաքուած է:

«Տալքաւուքլար կեճեսի» աշխատութիւնը պատմական գաղտնապատմութիւն եւ քեմալականութեան քննադատութիւն է: Ան կը պատմէ քաղաքական փտածութեան պատմութիւնը: Դէպի անարդարութիւններու եւ կամայականութեան 1930-ական թուականներու սկիզբը` Աթաթուրքի իշխանութիւնը: Օրուան թրքական քաղաքական գործիչները հոն յիշատակուած են ոչ իսկական անուններով:

Աթսըզ Ատրիանապոլիս (այժմ` Էտիրնէ) եղած ընթացքին «օրհ(ք)ուն» («Orh(k)un») հանդէսը կը հրատարակէ եւ իր «թրքութեան իտէալները»-ու հասկացողութիւնները անոր միջոցով կը տարածէ: Սակայն 9-րդ թիւին մէջ հրատարակուած յօդուածի մը պատճառով կը փակուի հանդէսը, եւ Աթսըզ կը կանչուի հարցաքննութեան: Հետագային իր թունդ թրքութեան գրութիւններով եւ ձախակողմեաններու դէմ մտածումները արտայայտելու պատճառով կը ձերբակալուի 22 ընկերներով միասին` «կառավարութեան դէմ յեղաշրջում փորձելու» յանցանքով:

Դուրսի աշխարհը «Իւլքիւճիւ» շարժումին մասին առաջին անգամ 1944 թուականի մայիս 3-ին կը տեղեկանայ: Այդ օրը դատական ընթացք կը սկսի թուրք ազգայնականներու եւ համաթուրանականներու, այսինքն` «Մեծ երազ»` «Մեծն Թուրան» գաղափարի համակրողներու դէմ: Այս դատավարութիւնը կը կոչուի «Ցեղապաշտութեան-թուրանականութեան դատավարութիւն» անունով: Անիկա 1944 մայիս 3-ի տարեդարձն է, երբ 23 համաթրքականներ, Աթսըզի գլխաւորութեամբ, դատի կանչուեցան. 7 սեպտեմբեր 1944 թուականէն մինչեւ 29 մարտ 1945 ժամանակահատուածին մէջ, ընդհանուր` 65 նիստերու ընթացքին, 23 թուրքիստներ ցեղապաշտ-թուրանական յանցանքով դատապարտուեցան: Հետեւաբար թրքական քաղաքականութեան մէջ առաջ եկած այս գործընթացին անունն է` «Ցեղապաշտութեան-թուրանականութեան դատավարութիւն»:

Դատուողներու պարագլուխն էր շարժումի ոգին, ներշնչողն ու ղեկավարը` Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզը: Անոնք կը մեղադրուէին ապօրինի կազմակերպութեան ստեղծմամբ, որ նպատակ ունէր կառավարութիւնը տապալել, ինչպէս նաեւ` պետութեան դէմ գրգռութիւն յառաջացնել ու ցեղապաշտութիւնը տարածել:

Դատավարութիւնը աննկատ չանցաւ: Վերոնշեալ օրը, Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզի եւ անոր գաղափարակից Սապահէտտին Ալիի դատավարութիւնէն ետք, Անգարայի մէջ հազարաւոր համակրողներ բողոքի ցոյց կատարեցին իրենց ղեկավարներու դատուելուն դէմ: Այս ցոյցը կոչուեցաւ «Անգարայի ցոյցը» անունով:

Վերոնշեալ ցոյցը առաջին անգամ յիշատակուեցաւ 3 մայիս 1945 թուականին, Թոփհանէ զինուորական բանտին մէջ` Նիհալ Աթսըզի, Զեքի Վելիտի Թոկանի, Նեճտեթ Սանչար եւ Ռեհա Օղուզի հետ միասին տասը բանտարկեալներու կողմէ:

Հետագայ տարիներուն վերոնշեալ դէպքին յիշատակման համար շարունակուող տարեդարձները կոչուեցան «Թրքութեան օր» (Türkçülük Günü) անունով:

Այնուհետեւ, «Գորշ գայլ»-երը մայիս 3-ը մինչեւ օրս կը շարունակեն տօնել իբրեւ համաթուրանականութեան, «Մեծն Թուրան»-ի գաղափարի օր: Մայիս 3-ը անոնք կը տօնեն իրենց այն նպատակի վերահաստատման համար, որ Թուրքիան վերջնականապէս դարձնեն գերուժ մը եւ նոյնիսկ` աշխարհի միակ տէրութիւնը:

Հետեւաբար համաթրքութեան շարժումը վերապրեցաւ ժամանակաւորապէս, մանաւանդ` Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, քառասունական թուականներու սկիզբը, Խորհրդային Միութեան դէմ գերմանական յաղթանակներէն ետք: Թուրքիա դեռ Հիթլերի ծնելէն առաջ ցեղապաշտ էր արդէն, վկա՛յ` իր նախահայրերը, վկա՛յ` «Իթթիհատ»-ը գործի գլուխ գալէն ետք, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս` փոխարինելով նախկին համաիսլամականութիւնը իր համաթուրանականութեամբ: Թուրք պետութեան այս ազգայնամոլական եւ ցեղապաշտական քաղաքականութեան պատճառով թշնամական տրամադրութիւնները կը յամենան, առաւել եւս կը խորանան ի վնաս նախ հայութեան, ապա` ոչ թուրք ժողովուրդներուն: Մուսթաֆա Քեմալի մահէն ետք համաթրքական հրատարակութիւնները աւելցան, հակառակ անոր որ ոչ մէկ փոփոխութիւն կրեց կառավարութեան համաթրքականութեան դէմ քաղաքականութիւնը: Իրենց գաղափարական վէճը Մուսթաֆա Քեմալի թրքական ազգայնականութիւնն էր:

Նացիներու քարոզչութեան քաջալերանքով եւ ֆինանսաւորումով համաթուրքիստները անյաջող ձեւով փորձեցին համոզել թրքական կառավարութիւնը` պատերազմի մէջ մտնել Խորհրդային Միութեան դէմ, իրենց լրատուական միջոցներով, յատկապէս մամուլով, ցոյցերով եւ այլն` ղեկավարութեամբ Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզի եւ անոր եղբայր Ահմեթ Նեճտեթ Սանչարի: Ասոնք ձախողութեան մատնուեցան, սակայն պատերազմի աւարտէն ետք համաթրքութիւնը սկսաւ աւելի ժողովրդական ըլլալ եւ մտաւ քաղաքական կեանք:

Շատ մը փաստացի տուեալներու ընդմէջէն ակնյայտ կը դառնայ, որ համաթրքութեան, սիոնականութեան եւ նացիականութեան միջեւ կան նմանութիւններ եւ զուգահեռներ, անոնց ծագումէն մինչեւ այսօր: Հոն երեւան կու գայ, որ ցեղասպանութիւնը, իբրեւ գաղափար եւ ընթացք, արարք է` սիոնականութեան, նացիականութեան եւ համաթրքութեան համար ընդունուած գործելաոճ է:

Աթսըզը 1947 թուականի ապրիլէն մինչեւ 1949 թուականի յուլիսը անգործ մնացած է: Շրջան մը Աթսըզը աշխատած է «Թուրքիէ» հրատարակչատան մէջ: Ռուս-թուրք պատերազմի ամփոփում համարուող «Թուրքիա երբեք չի խոնարհիր» անունով գիրքը ստիպուած եղած է Սուրէյեա Էրմեթէ անձի մը անունով հրատարակել:

Աթսըզը 25 յուլիս 1949 թուականին կը նշանակուի «Սուլէյմանիէ» գրադարանի իբրեւ «փորձագէտ» պաշտօնեայ:

Այնուհետեւ, Թուրքիոյ մէջ Դեմոկրատական կուսակցութեան իշխանութեան գլուխ գալով` Աթսըզը 21 սեպտեմբեր 1950 թուականին  Հայտարփաշա Բարձրագոյն վարժարանի գրականութեան դասատու կը նշանակուի:

Թրքութեան ռահվիրայ Աթսըզը, թուրանական շրջանակին կողմէ կը նկատուի մեծ թրքագէտ: Ըստ այդ շրջանակներուն, Աթսըզը թրքերէն լեզուին, պատմութեան եւ գրականութեան շատ լաւ գիտակ է, յատկապէս Կէօքթիւրք բնագաւառին մէջ մասնագիտացած է: Աթսըզը եղած է նաեւ յայտնի վիպասան եւ բանաստեղծ:

4 մայիս 1952 թուականին Աթսըզը Անգարայի «Աթաթուրք» ճեմարանին մէջ ներկայացուցած «Թուրքիոյ ազատութիւնը» դասախօսութիւնը պատճառ դարձաւ, որ «Ճումհուրիյէթ» թերթը անոր հասցէին լուրեր հրապարակէ: Նախարարութեան կողմէ հարցաքննութիւնը Աթսըզի ելոյթին գիտական ըլլալը հաստատած է: Այնուհետեւ, Աթսըզը 13 մայիս 1952 թուականին կրկին նշանակուած է Հայտարփաշա ճեմարանի գրականութեան «ժամանակաւոր» ուսուցիչ եւ «Սուլէյմանիէ» գրադարանի պաշտօնեայ:

Աթսըզի 1964 թուականէն մինչեւ մահը հրապարակած «Էօթիւքէն» հանդէսի 1973 թուականի կողքը

Աթսըզը, 1950-1952 թուականներուն հրատարակուած «Օրքուն» շաբաթաթերթի խմբագիրն է: Ան 1962 թուականին հիմնադրուած Թրքութեան միութեան նախագահութիւնը ստանձնած է: 1964-էն մինչեւ իր մահը ան հրապարակեց «Էօթիւքեն» («Ötüken») ամսաթերթը:

Թուրքիոյ օրուան նախագահ Ճեւտեթ Սունաը դէպի  Այնթապ ճանապարհին վրայ բանուորէ մը լսած է հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Կառավարիչները արաբներուն հող կու տան, իսկ թուրքերուս` ո՛չ»: Սունայ բանուորին հակադարձած է` ըսելով. «Իւրաքանչիւր անձ, որ Թուրքիոյ հողատարածքին վրայ կ՛ապրի, թուրք է»: Աթսըզը, վերոնշեալ դէպքին առիթով «Էօթիւքեն» ամսաթերթի ապրիլ 1967 թուականի թիւ 40-էն սկսեալ հրապարակած է «Խօսակցութիւններ 1» (Konusmalar, I: Թիւ 40), «Խօսակցութիւններ 2» (Konuşmalar, II: Թիւ 41), «Խօսակցութիւններ  3» (Konuşmalar, III: Թիւ 43), «Անկախ քիւրտ պետութեան քարոզչութիւնը» (Bağimsiz Kürt Devleti Propagandasi: Թիւ 43), «Արեւլքի միթինկներուն քուլիսներու ետին» (Doğu Mitinglerinde Perde Arkasi: Թիւ 47) եւ «Վաճառուածները-Մոսկուայի ծառաները» (Satilmişlar-Moskof Uşaklari: Թիւ 48) վերնագիրներով յօդուածաշարքը:

Աթսըզի ցեղապաշտական եւ մոլեռանդ ազգայնամոլական գաղափարներ բուրող վերոնշեալ յօդուածներուն պատճառով Անգարայի փողոցներուն մէջ բողոք-ցոյցեր տեղի կ՛ունենան:

Օրին Աթսըզի ունեցած թրքութեան գաղափարներուն համար դատարան հետաքննութիւն բացուած է եւ տեւած` վեց տարի:

Անոր հիման վրայ «Էօթիւքեն»-ի տէր Նիհալ Աթսըզը եւ ամսագրի պատասխանատու խմբագիր Մուսթաֆա Քայապեքը, դատական կարգ մը խոչընդոտներէ ետք, 15-ական ամիս բանտարկութեան կը դատապարտուին: Աթսըզը, հիւանդութեան պատճառով եւ զանազան կողմերու միջամտութեամբ, օրուան նախագահ Ֆահրի Քորութուրքի կողմէ ներման կ՛արժանանայ:

Հետեւաբար, Աթսըզը, 1,5 տարուան բանտարկութեան փոխարէն, 2,5 ամիսով կ՛աւարտէ բանտարկութիւնը:

(Շար. 1)

«Արաս»էն Նոր Գիրք

0
0

Զաւէն Պիպեռեան, որ ծանօթ է իր վէպերով, այժմ կը ներկայանայ իր պատմուածքներով: Գրական գոհարներ՝ իրաւ արձակագիրէ մը…

Ցարդ ծանօթ էինք Զաւէն Պիպեռեանի վէպերուն, որոնք հրատարակուած են ու պիտի հրատարակուին հրատարակչատանս կողմէ: Պոլսահայ գրականութեան ամենակարեւոր ներկայացուցիչներէն մին հանդիսացող հեղինակը այս անգամ ընթերցասէրներուն կը ներկայանայ իր պատմուածքներով, որոնք ամփոփուած են «Ծովը» հատորին մէջ:

Ինչպէս վէպերուն, նոյնպէս պատմուածքներուն մէջ Զաւէն Պիպեռեան կը ներկայացնէ իր լեզուին ու գրիչին տաղանդը՝ պեղելով մարդկային հոգիի տարբեր վիճակներ, տարբեր քաղաքներու, շրջանակներու ու հասարակութիւններու մէջ: Իր դուստրը իբրեւ կին անիշխանականի մը յանձնել չփափաքող հօր մը երգիծական վիճակները տեսնելու համար պահ մը Պուլկարիա այցելելէ ետք՝ կը վկայենք մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը աշխատող պէյրութցի գանձախոյզներու յոյսերը: Կը տեսնենք Վահրիճը, որ դերասան դառնալու երազանքը իր յառաջացեալ տարիքին կ՛ապրի գաղտնաբա՛ր, կը տխրինք տեսնելով Պուրունսուզ Քատրիէի առանձնութիւնը, կը ցաւակցինք այն բանտարկեալին, որ կը հաւատայ, թէ իր մահավճիռը պիտի ջնջուի, ինչպէս նաեւ կ՛ապրինք մահուան դիմաց անզօր մնացած բանտընկերոջ դառնութիւնը, որ չի գիտեր ինչպէ՛ս հաղորդել իրականութիւնը: Կը հետեւինք այն սիրահարին, որ ծեր մարդու մը հարս տրուած իր պարմանուհի սիրուհին կ՛առեւանգէ Զիկանայի լեռնանցքով, իսկ Մեծ կղզիին մէջ կը տեսնենք արբունքի տարիքի խենթութիւնները ապրող Պեպան, որ հաց գնելու համար տունէն կ՛ելլէ, սակայն ամբողջ օրը կ՛անցընէ իր ընկերուհիին հետ:

«Պիպեռեանական պատմուածքի յատկանիշները… Պատումի ուրոյն թեքնիք՝ պրկութեամբ, երկխօսութիւններու բնականութեամբ եւ դիպուկութեամբ, կերպարներու վարմունքի ու կացութիւններու նկարման կենդանութեամբ, ուրկէ եւ՝ անկրկնելի բեմականութիւն մը, թատերականութիւն մը…», ինչպէս կը գրէ սփիւռքահայ գրագէտ Յարութիւն Քիւրքճեան, այս հրատարակութեան համար յատկապէս իր գրի առած վերջաբանին մէջ:

Պիպեռեան, որ իր վէպերով կը ներկայացնէ ներընտանեկան լռին լարուածութիւններն ու մարդկային յարաբերութիւններու մէջ առկայ բարդութիւնները, պատմուածքներուն մէջ մարդիկը կը կերպարէ կեանքին դիմաց ակամայ գլուխ ծռելու դիրքով:

«Ծովը» առիթ կու տայ ընթերցողին աւելի մօտէն ծանօթանալու արձակագիր Պիպեռեանին, միաժամանակ՝ ապրելու կեանքի այն վիճակները, զորս կը ներկայացնէ հեղինակը:

Հեղինակի Մասին

Զաւէն Պիպեռեան ծնած է 1921ին, Պոլսոյ Չենկելգիւղ թաղը: Յաճախած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան, Տիպար Կրթարան (Սուլթանեան) եւ Սեն Ժոզէֆ վարժարանները, իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Առեւտրական գիտութեանց ակադեմիայէն: Աշխատակցած է պոլսահայ ու սփիւռքահայ մամուլին: Քաղաքական ճնշումներու իբրեւ հետեւանք, 1949էն մինչեւ 1953 թուական բնակութիւն հաստատած է Պէյրութի մէջ:

Գրականութեան առընթեր, սիրողաբար հեղինակած է գեղանկարներ, արձանիկներ, եւ շինած է խաղալիքներ. ան եղած է Բանուորական կուսակցութեան աշխոյժ մէկ անդամը: Մեծ կղզիի հանդէպ ունեցած է պաշտամունքի հասնող սէր։ Մահացած է 4 Հոկտեմբեր 1984ին, Պոլիս:

Զաւէն Պիպեռեանի հայերէնով հրատարակած հեղինակային գիրքերն են՝ «Լկրտածը» (վէպ, 1959), «Ծովը» (պատմուածքներ, 1961), «Անկուտի Սիրահարներ» (վէպ, 1962) եւ «Մրջիւններու Վերջալոյսը» (վէպ, 1984, իսկ ամբողջական գոր-ծերու հրատարակութիւնը՝ 2007):

«Մրջիւններու Վերջալոյսը», որուն թրքերէն թարգմանութիւնը նաեւ հրատարակուած է «Արաս» հրատարակչատան կողմէ՝ «Հայրս Աշքալէ Չգնաց» խորագիրով, դարձած է հայ գրականութեամբ զբաղող մասնագէտներու ուսումնասիրութեան առարկայ:

«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ

«Իրանի Կայունութիւնը Առաջնահերթութիւն Է…»

0
0

Իրանական վերջին զարգացումները՝
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեանի դիտանկիւնից

«ԱԼԻՔ» – Իրանում տեղի ունեցող վերջին անցուդարձերը որքան էլ յատուկ լինեն աշխարհում գոյութիւն ունեցող երկրների ներքին ճգնաժամերին, մեզ համար առանձնանում են իրենց բազամավեկտոր իրավիճակներով, որոնք իրենց մէջ ներառել են տնտեսական եւ հասարակական խնդիրներ:

Այսօր, այս սիւնակում, ստեղծւած իրավիճակի շուրջ զրուցեցինք ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեանի հետ, ով մեր հարցին մօտեցաւ բազմակողմանի դիտանկիւններից՝ թէ՛ տարածաշրջանային, թէ՛ Իրան-Հայաստան եւ թերեւս որպէս Իրանի կայունութեան պահպանման գլխաւոր եւ ամենաէական գործօնի՝ իրավիճակի ամենաապահով հանգուցալուծման, որից էլ կը բխեն առաջին երկու հիմնահարցերի պահպանումը:

Պարոն Բաղումեանի կարծիքով այստեղ արտաքին գործօնի դերը չպէտք է բացառել, որը ակնառու կերպով երեւաց. «Ցանկացած հզօր երկիր նման իրավիճակներում պէտք է առաջնահերթաբար լուծի ներքին խնդիրները. եթէ թոյլ չես տալիս ներսում առաջանան դժգոհանքի հիմքեր՝ արտաքին ուժերը չեն կարողանայ ոչինչ անել: Հետեւաբար, հասկանալով իրավիճակի զգօնութեան աստիճանը՝ արտաքին միջամտութիւնների առումներով, քանզի սա մշտապէս գոյութիւն ունեցող երեւոյթ է, այնուամենայնիւ լուծումը պէտք է գտնել ներքին հարցերի կարգաւորման եւ կայունութեան պահպանման մէջ: Կան հնարաւորութիւններ, որոնք պէտք է տրւեն ժողովրդին, դրանից օգտւելու համար՝ առողջապահական, կենսոլորտի հետ կապւած, սոցիալական եւ այլ բնագաւառներում: Այսինքն՝ բազմաշերտ հարցեր կարող են ստեղծել նման դժգոհութիւններ: Ես համոզւած չեմ, որ կան միայն տնտեսական հարցեր, այլ կան նաեւ հասարակական բնոյթի խնդիրներ, որոնց լուծման եղանակները պէտք է գտնել:

Հարցի առողջ լուծման բանալին ներքին դժւարութիւնների վերացումն է, պէտք է լսել եւ հարթել ու ողջ իրողութիւնը չվերագրել միայն արտաքին միջամտութիւններին»:

Անդրադառնալով այս ֆոնին Հայաստանի վրայ թողած ազդեցութեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշեց, որ. «Մեր համար թէ՛ որպէս Իրանի հայ քաղաքացիներ, եւ թէ՛ որպէս Հայաստանի ապագայով շահագրգռւած համայնք, չափազանց կարեւոր է Իրանի կայունութիւնը, Իրանի անվտանգութիւնը եւ զարգացումը: Կայունութիւնը ինքը բացարձակ արժէք լինելով հանդերձ, առանձին չի կարող գոյութիւն ունենալ, եթէ չկայ կողքին զարգացման հնարաւորութիւն, չկայ խաղաղութիւն, չկայ ճիշտ ղեկավարման բոլոր յատկանիշերը:

Իրանի կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է: Իրանի հողային ամբողջականութիւնը, որը կարող է ցանկացած պահի խնդրոյ առարկայ դառնալ, հիմնականում արտաքին ձգտումների բերումով, սրանք բոլորը մեզ համար ծայրագոյն խնդիրներ կարող են ստեղծել թէ՛ որպէս Իրանի քաղաքացիներ, եւ թէ՛ որպէս համայնք, եւ թէ՛ որպէս Հայաստանի Հանրապետութիւն: Բոլորս գիտենք, որ հարեւանների մէջ ամենավստահելին եւ ամենադրական մօտեցում ունեցողը՝ Իրանն է»:

«… Տարածաշրջանային առումով  մեր հիմնական խնդիրը մեր յարաբերութիւնն է ԱՄՆ-ի հետ: Այդ յարաբերութիւնների խորքում երկու հակադրութեան մեկնակէտ կայ՝ մէկը հեգեմոնիկ կամ մեծապետական տրամադրութիւններն է, որը չի սիրում իրական ինքնուրոյն երկիր, սիրում է բոլորի վրայ ունենալ վերահսկողութիւն եւ բնական է՝ Իրանը այդ հնարաւորութիւնը չի տալիս իրեն, սա առաջնահերթ հակադրւող կէտերից մէկն է: Երկրորդ հակադրութեան կէտը Իսրայէլի հարցն է. Իսրայէլի հարցը նաեւ այն խնդիրներից է, որ ԱՄՆ-ի, յատկապէս ներկայ ադմինիստրացիան շատ հակւած է դէպի այդ երկիր:

Հետեւաբար այստեղ էլ մեր ճիշտ քաղաքականութիւնը՝ դիպուկ հակաիսրայէլ, բայց ոչ անտեղի քայլերով արտացոլւող, կարող են հարցերը աւելի ճիշտ հունի վրայ դնել՝ մեր, որպէս Իրան, բարեկամների թիւը աւելացնել, թշնամիների թիւը նւազեցնել եւ թոյլ չտալ, որ սկզբնական յայտարարութիւնների հիմքերով հրահրւի հակաիրան տրամադրութիւններ արտաքին աշխարհում:

Իմ մտահոգութիւնը այս հարցում հետեւեալն է, որը գալիս է Միջին Արեւելքի ժամանակակից պատմութիւնից, եւ կասկած չունեմ, որ Ամերիկայի ներկայ վարչախմբի մօտ կայ իշխանափոխութեան երազանք Իրանի նկատմամբ: Այս հարցը կարող է սրւել, երբ որ ԱՄՆ-ն աւելի խոցելի ճակատի վրայ խնդիր չունի: Մենք միշտ պէտք է հաշւի առնենք, որ գոյութիւն ունի ոչ շատ խելօք, ոչ շատ մտածող ԱՄՆ-ի ղեկավարութիւն, որը կարող է ճակատագրական սխալների գնալ, եւ մենք չնայենք, որ քանի որ սխալ է ուրեմն չեն անի, պէտք է այնպէս անենք, որ այդ սխալը մեր կողմից ղեկավարելի լինի:

Զրոյցի աւարտին որպէս հիմնական մտահոգութիւն նա նշեց. «Այսօր երկրի տնտեսութեան հետ կապւած խնդիրներ կան, իհարկէ սա ներքին տնտեսութեան վրայ անշուշտ իր անդրադարձը կունենայ ժողովրդի կարողութեան առումով եւ նրանք (Արտ. ուժեր) այն յոյսն են փայփայելու, որ արտաքին ճնշումների բերումով ծունկի կը բերեն Իրանին:  Սա մենք պէտք է կարողանանք արտաքին եւ տնտեսական քաղաքականութեան ճիշտ դիւանագիտութեան շնորհիւ նւազագոյնի իջեցնել:

Մեր ղեկավարութիւնը այս զգայուն պայմաններում պէտք է կարողանայ իր տնտեսական, քաղաքական եւ ներքին հասարակական մօտեցումները կշռադատւած դարձնի, աւելի կուռ քաղաքականութիւն վարի, որպէսզի կարողանայ այս դժւար պայմաններից երկիրը ապահով դուրս հանի»:

 

 

 

 

 

Նոր Հրատարակութիւն` «Արեւագալի Եւ Հսկումի Երգեր»

0
0

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրատարակչատունը վերահրատարակեց «Արեւագալի եւ հսկումի երգեր» հատորը` հրամանաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ աշխատասիրութեամբ Օշական արք. Չօլոյեանին:

Սոյն նոթագրեալ շարականներու գործը ուղեցոյց մըն է Մեծ պահոց քառասնօրեայ շրջանին շարականներու ու երգերու երգեցողութեան: Գիրքը բաժնուած է երկու մասերու` արեւագալի երգեր, որոնք ձայնագրուած են Լեւոն Չիլինկիրեանին կողմէ եւ կ՛ընդգրկեն` «Յարեւելից», «Ճգնաւորք», «Լոյս, Արարիչ լուսոյ» եւ «Ճանապարհ» երգերը` իրենց յորդորակներով, եւ հսկումի շարականներ, որոնք կ՛ընդգրկեն` «Շնորհեա՛ մեզ, Տէ՛ր», «Նայեաց սիրով», «Ի քէն հայցեմք», «Ընկալ քաղցրութեամբ» եւ «Աղերս առ Տիրամայր Աստուածածին» երգերը:

Յայտնենք, որ սոյն հատորին մէջ նկատի առնուած են նաեւ միջինքէն ետք երգուելիք ստեղիները` «Երկնաւոր հօտ», «Երկնաւոր փեսայ», «Սրբուհի Մարիամ», «Առաքեալք Աստուծոյ» եւ «Պարունակեալ պահէին»:

Նշենք, որ շարականներուն ձայնագրութիւնը հիմնականօրէն կատարուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայր տաճարի եկեղեցական երաժշտութեան աւանդութեամբ:

Նոթագրեալ շարականներուն համակարգչային աշխատանքը կատարած է Սարգիս սրկ. Յովհաննէսեանը: Սոյն հատորը վերահրատարակուած է ի յիշատակ Անդրանիկ եւ տիրամայր Մարի Չօլոյեաններուն:


Նոր Խոստումներ

0
0

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Նոր տարի, նոր խոստում, նոր երազ: Նոր տարուան սկիզբը այն ժամանակաշրջանն է, երբ ընդհանրապէս մարդիկ վերանորոգման հոգեվիճակով ուռճացած` կը փորձեն թօթափել այս կամ այն ժխտական սովորութիւնները եւ խոստումներու տարափով մը կը փորձեն գօտեպնդուիլ եւ դիմաւորել Նոր տարին: Զուրկ որեւէ կրօնական դրդումէ կամ իմաստէ` այս արարքը ամբողջովին զգացական է:

Նոր երազ, վերանորոգում, վերածնունդ բառերը անկասկած դրական երանգ կը պարունակեն իրենց մէջ: Անոնք կը նկարագրեն անգամ մը նոր շունչով, նոր հայեացքով, նոր հոգեվիճակով տոգորուիլ եւ խոյանալ դէպի նշանակուած թիրախը:

Ինծի համար, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ հայասէր ազգակիցներու համար, այս Նոր տարուան, ինչպէս նաեւ անցեալ եւ յառաջիկայ նոր տարիներուն երազս եւ նոր խոստումս պիտի մնան նոյնը, որն է` առաւել ու առաւել ծառայել ազգին ու հայրենիքին: Արդեօք աւելի մեծ հաճոյք կա՞յ ծառայութենէն բխած հոգեկան գոհունակութենէն: Զարմանալի է. երբ կը խօսիմ ազգիս ծառայութեան մասին, իսկոյն կը տեղափոխուիմ հոգեկան այն ոլորտներ, ուր դիմացս կը պարզուի ազգերու գերերջանիկ ապագայի տեսարանը: Մտքիս մէջ դրոշմուած է Ռուբէն փաշայի խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Տուէ՛ք ինծի մէկ ողջմիտ ազգանուէր սերունդ, ձեզ կ՛ապահովեմ ազգերու մէջ արեւին տակ գեղեցիկ տեղ»: Այո՛, այսօր Ցեղասպանութենէն ետք մեր մեծ հայրերը գաղթակայանները վերածեցին ամրոցներու, եւ մենք անկասկած ունեցանք հրաշալի, ինչո՞ւ չէ, կախարդական թռիչք մը, վերելք մը: Բայց այսօր դառնահամ իրականութիւնը այն է, որ ակներեւ վտանգը հեռացած նկատելով` մենք կը գտնուինք մարդկային, հոգեկան եւ ազգային արժէքներու գահավիժման առջեւ:

Չեմ գիտեր` ինչո՛ւ միտքս կու գան Գարեգին Նժդեհը եւ անոր «Ցեղակրօն ուխտեր»-ը. Ա՜խ, որքա՜ն կը տոչորիմ անոր անուանի կարօտէն: «Ցեղակրօն ուխտեր», ուր հայը հայուն անշահախնդիր կերպով կը ծառայէ, հայը հայուն անշահախնդիր կերպով կը պաշտպանէ, ուր հայութիւնը ամէն բանէ վեր է:

Անցեալին կար ժամանակ մը, ու մենք ապրեցանք այն օրերը, որ հայը օգնէր իր ազգակից եղբօր, հայը իր տան դուռը միշտ բաց կը պահէր իր ազգակիցին առջեւ, բայց կարծես թէ որքան «քաղքենի» կը դառնանք, այդքան ալ կը բարդանանք եւ կը մոռնանք մեր արեան կանչը, կը մոռնանք կտակը մեր նահատակներուն:

Մեր ժողովուրդը, աւելի քան երբեք, կարիքը ունի հաւատքի վերանորոգումի, կամքի պրկումի եւ ազգային գիտակցութեան վերազարթօնքին: Անկասկած արդիւնաշատ ծառայութիւնը կ՛ենթադրէ բարոյական առողջ վարքագիծ, պատասխանատուութեան խոր զգացում ու յարատեւ, անխոտոր ու անսայթաք աշխատանք: Այս է Նոր տարուան իմ խոստումս ու երազս. ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր երազը` ծառայել անշահախնդիր կերպով մեր ազգին` ըլլալով պատասխանատու եւ համարատու ապագայ սերունդին առջեւ:

 

 

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի. Կենդանի Կը Պահենք Մեր Յոյսը

0
0

Արդէն սպառեցինք 2017-ը ու շուտով պիտի անցնինք նորին` 2018-ին: Եւ հաշուի առնելով, որ աշխարհն արագօրէն կը փոխուի, որ` այսօր խաղաղ անկիւն մը կրնայ վաղը ալեկոծ ծովու վրայ յայտնուիլ, իսկ մեր` եգիպտահայութեան նման «հայախօս» համայնքները անզգուշօրէն կրնան հրաժեշտ տալ այդ բարեմասնութեան ալ, իրաւամբ պէտք է շնորհաւորել զիրար, որ անգամ մըն ալ աւելի քան դար մը պատնէշին վրայ կանգնած-պահուած «Յուսաբեր»-ի էջերէն հին տարին ճամբու դնելու եւ նորը ողջունելու հնարաւորութիւնը ունինք:

Չենք կրնար պնդել սակայն, որ ողջունելէ ետք 2018-ին պիտի կարենա՞նք հրաժեշտ տալ…

Այնուամենայնիւ, կեանքը կը շարունակուի…

Ազգային օրակարգին վրայ եկող տարին պիտի նշանաւորուի հայոց պետականութեան վերականգնման 100-ամեայ տարեդարձով: Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն` 1375-էն ասդին պետականութիւնը կորսնցուցած էինք, իսկ աւելի կանուխ` 1045-ին Անիի վաճառք-անկումով վերցած էր հայոց պետականութիւնը Մեծ Հայքէն: Եւ միայն հարիւր տարի առաջ ահաւոր եւ անհաւասար կռիւ տալով` ազգովին յաջողեցանք կորսուածը վերականգնել` նեղ, անձուկ, խոցելի սահմաններու մէջ, սովի ու համաճարակի դրանը կքած գաղթականներով լեցուն, թշնամիներով շրջապատուած, սակայն աննկուն կամքով եւ տեսլականով զինուած` ղեկավար ու ժողովուրդ փարած էին կեանքին եւ մարդոց սարքած գեհենի յաղթահարման: Եւ այդ մեծագործութիւնն է, որ պիտի հանդիսադրուի նոր տարուան ընթացքին, երբ մեն-մենակ, առանց որեւէ անկիւնէ յոյսի նշոյլի, հայը` գաղթական թէ տեղաբնակ, արեւելահայ թէ արեւմտահայ, գիւղացի թէ քաղաքացի, ծառացաւ ոչ միայն ճակատներուն վրայ` թշնամիին դէմ, նահատակի պսակ վաստկեցաւ` այլեւ կեանքը վերակազմակերպեց, վերածաղկեցուց, հունաւորեց եւ գունաւորեց, ախոյեան դարձաւ գաղափարներու եւ իրաւունքներու կենսաւորման: Թերացում պիտի ըլլայ, եթէ ռազմի գործին միայն կապուի հարիւրամեակը, թէեւ մինչեւ այսօր ալ վճռական խօսքը ռազմադաշտին վերապահուած է, հոն կը շահուի կեանքի եւ արարման իրաւունքը, սակայն` միա՛յն իրաւունքը, զոր պէտք է արդիւնաւորել ու արժեւորել:

Նուազ կարեւորութիւն կամ արժէք չունի Երեւանի 2800-րդ տարեդարձը: Ան ալ հսկայ եւ մեծղի իրադարձութիւն մըն է, որ պէտք է պատշաճ ուշադրութեան արժանացնել ներազգային թէ օտար շրջանակներու մէջ: Մեր դէմ ճակատ յարդարած եւ թշնամութեամբ լեցուած հարեւանները, յատկապէս` ազերիները, յաւակնեցան ու համարձակեցան իրենցը համարել նաե՛ւ Երեւանը: Դիմագրաւելով վերաբնակող գաղթատիրութիւնը` դարերով միայն կորսնցուցած ենք մեր կենսատարածքները: Այսօր, երբ կենաց եւ արարման մեր կամքը յարգել պարտադրող բանակը ճակատը կ՛ապահովէ, պէտք է խթանել մեր քաղաքակրթական սլացքը` ոչ միայն հաւասարելու ժամանակին ու ժամանակակիցին, այլեւ գերազանցելու զայն` միշտ կռուան ունենալով այն ժառանգութիւնը, որուն մէկ մասնիկն է Երեւանը` 2800-ամեայ Էրեբունին:

Համազգային օրակարգի վրայ իրենց արժանաւոր տեղը պէտք է ունենան նոյն գաղափարական հնոցին մէջ թրծուած Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան` ՀՄԸՄ-ի հարիւրամեակն ու Համազգային մշակութային եւ կրթական ընկերութեան իննսունամեայ տարեդարձները: Անոնք եղան սիւներն այն տաճարներուն, որոնք առաւելաբար գաղթական հայութեան մէջ առողջ պահեցին վահագնածին ժողովուրդի աստանդական զաւակներու միտքն ու մարմինը, անմար պահեցին յոյսը եւ կորած հայրենիքի արեւահամ բառ ու բանով փորձեցին ջերմացնել հոգիները:

Յետահայեաց հաշուետուութիւն եթէ փորձենք կատարել` մանաւանդ նկատի ունենալով ներկայի գաղափարական աղքատութիւնը, անչափ կը մեծնայ ՀՄԸՄ-ի թէ Համազգայինի հիմնադիրներուն եւ զանոնք կենսաւորողներուն, ջահը սերունդէ սերունդ փոխանցած դէմքերու գործին ու վաստակին հանդէպ մեր յարգանքը. անոնք ապաւինած էին միայն իրենց ուժերուն, կարողութեան եւ աշխատանքին, երբ կը ձեռնարկէին այս կազմակերպութիւններու հիմնադրութեան, թերեւս` առանց խորհելու, որ ազատ, անկախ Հայաստանի մէջ ալ իմաստազուրկ պիտի չըլլան անոնք: Տխուր է, սակայն` փաստ, որ Խորհրդային Միութիւնը ոգիի եւ գաղափարական սով ալ ժառանգ ձգեց ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ արտերկրին, զոր պէտք է յաղթահարել, եւ` որքան շուտ, այնքա՛ն լաւ:

Նոր տարին բաւական հնարաւորութիւն կու տայ մեր հաւաքական կեանքին մէջ տարբեր մակարդակներու վրայ, տարբեր լսարաններու մէջ այս տարեդարձները վերարժեւորելու, ներկայացնելու պատմութիւն, դերակատարութիւն եւ դերակատարներ, ազդեցութիւն եւ ներկայ, թէկուզ թերութիւնները քննադատելով եւ սրբագրելով, վերանորոգ թափ հաղորդելու անոնց:

Մինչեւ նոր գործիքներ հնարելը հիներուն ապաւինիլը, զանոնք նորոգելով գործի դնելը առաքինութիւն պիտի նկատել, իսկ զանոնք բանեցնելու համար մասնագիտացած ու ձեռնհաս մարդուժ պատրաստելը` իմաստութիւն:

Յոյսը վերջինն է, որ կը մեռնի: Մերը անմահ է, վարժեցուցած ենք անմահութեան…

Ամանորի առիթով մեր ընթերցողներուն կը մաղթենք յաջողութիւններով լի, քաջառողջ, երջանիկ տարի մը, իսկ մեր ազգին ու հայրենիքին կը ցանկանք` խաղաղութիւն, կայունութիւն, բարգաւաճութիւն եւ ամենակարեւորը` արդարութիւն:

 

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզը Թրքութեան Գաղափարախօս, Ցեղապաշտութեան Եւ Ազգայնամոլութեան Մարմնացում

0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Նիհալ Աթսըզի առաջին պատմական վէպը 1946 թուականին «Գորշ գայլերու մահը» («Bozkurtlarin Ölümü») վերնագրով լոյս տեսած է: Այս աշխատանքը գրած է իր դատավարութենէն ետք, երեք տարի գործազրկութեան ժամանակաշրջանին: Շատ յայտնի աշխատանք է, թուրք գրականութեան մէջ ամենատարածուած պատմական վէպերէն մէկն է:

Աթսըզը այս վէպին մէջ պատմական իրադարձութիւններով կը նկարագրէ կէօքթուրքերուն ժամանակաշրջանին թրքական կեանքը, ապրելակերպը, կենցաղը եւ սովորութիւնները: Վէպին հիմք ծառայած են,  այսպէս կոչուած, Չինաստանի ոտնձգութիւնները, այդ օրուան թուրքերու կրած ազդեցութիւնները:

Աթսըզին յաջորդ գործը` «Գորշ գայլերը կը վերածնին»-ը («Bozkurtlar Diriliyor») հրատարակուած է 1949 թուականին, դարձեալ անգործութեան տարիներուն: Նշեալ գործը «Գորշ գայլերու մահը» աշխատանքին շարունակութիւնը կը համարուի: Աթսըզը այս վէպին մէջ օգտագործած է հին թրքական պատմութեան մէջ առաջին ապստամբութեան նիւթը եւ անոր հերոս Քիւրշատը: Հեղինակը հոն յառաջ մղած է թուրքերուն հայրենիքը` Էօթիւքենի (թրքական, մոնկոլական եւ Կեդրոնական Ասիոյ պատմութեան մէջ սուրբ մայրաքաղաք) եւ պոզքուրթներու վերածնունդի հասկացողութիւնները:

Անոր երրորդ աշխատութիւնը «Տելի քուրթ» (Deli Kurt, խենթ գայլը) վէպն է, որ հրատարակուած է 1958 թուականին: Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւն մը նիւթի վերածած է ան:

Աթսըզը 1972 թուականին լոյս ընծայած է վերջին վէպը` «Ռուհ Ատամ» («Ruh Adam» «Հոգիէ մարդը») խորագրով: Այս վէպը թրքական գրականութեան մէջ շատ ընդունուած տեսակ մը չէ: «Հոգիէ մարդը» գիրքի հերոսին` Սելիմ Փուսաթին անհատականութեան մէջ կը տեսնենք Աթսըզը: Առաջին հայեացքէն պատմական վէպ կարծուած այս աշխատանքը ներկայացուած է հմտօրէն ու մեծ ճարպիկութեամբ, ուր հեղինակը «խորհրդանշական» վիպական ոճով զրոյցներ կը կատարէ: Բաւական բարդ հոգեբանական վէպ է: Գիրքը ունի հոգեւոր եւ առեղծուածային մթնոլորտ: «Հոգիէ մարդը», ինքն իրեն դէմ պայքարող մարդու մը արկածներն են:

Աթսըզի լոյս ընծայած գրութիւններուն մէջ ցայտուն կերպով կը շեշտադրուի թրքութիւնն ու «Իւլքիւճիւ»-իութիւնը, որոնք կը ներբողեն համաթրքութեան ծրագիրները, աւելի հեռու երթալով` Թուրանն ու թուրանականութիւնը:

Նիհալ Աթսըզը հեղինակ է նաեւ 44 բանաստեղծութիւններու, որոնք ամփոփուած են «Եոլլարըն սոնու» («Yollarin Sonu», «Ճանապարհներու աւարտը») անունով գիրքին մէջ (1946):

Աթսըզին բանաստեղծութիւնները նախաիսլամական գրականութեան ոճով են եւ անոր ընդհանուր թեմաները` «իտէալիզմ» (թրքերէն` «Իւլքիւճիւ»: Այսինքն` իտէալիստ, գաղափարապաշտ), «պատիւ», «արգիլուած սէր», «պատերազմ» եւ «պատմութիւն» է:

Ստորեւ տրուած ոտանաւորը, որ գրուած է 1931 թուականին, կը ներկայացնէ Աթսըզի որդեգրած քարոզչութիւնը դէպի թրքութեան մոլեռանդութիւնն ու իր իսկ «Մեծ բաղձանքը», որ թրքացեղ ազգերու միացումն է Թուրան անուան տակ, աւելի յստակացնելու համար կը գրէ. «ԱՄԷՆ ՄԷԿ ԹՈՒՐՔ ԱԶԱՏ ԿԸ ԾՆԻ, ԱԶԱՏ Կ՛ԱՊՐԻ, ԱԶԱՏ ԿԸ ՄԵՌՆԻ»:

Թուրքերուն Թիւրքիւն
(«Türklerin Türküsü»)

Բաղձանքի ճամբուն մեռնիլը օրէնք չէ թուրքերուն,
Թուրքը միայն կը խոնարհի իր աւանդութիւններուն
Եօթը բանակ միանալով փայլի մեր դիմաց,
Արիւնով կը մարենք, կը կոտորենք, կը յաղթենք զայն:
Հեղեղումը ստեղծեցինք, արեւմուտքը քնացած ատեն,
Նոյ չծնած խրխնջաց մեր բանակներուն ձին,
Եթէ հարցնես, այսպէս պիտի ըսէ երկինք կոչուած այս երդիքը,
Թուրքի ուժը կայծակ մըն է, թուրք գիտելիքը ծով:
Գետինը ճեղքուի, երկինքը փուլ գայ, հրոյ ճարակ դառնայ չորս կողմ,
Մեծ Բաղձանքին նորէն կը քալենք ոտքով,
Կայծակէն, բուքէն, փոթորիկէն չվհատող,
Մահուամբ զուարճացող խիզախ սրտով թուրքեր ենք…

(Թարգմանութիւնը` Աւօ Գաթրճեանի)

Միւս կողմէ` Աթսըզը յաւերժացուցած է «Քըզըլ էլմա»-ի (KIZIL ELMA, «Կարմիր խնձոր») գաղափարը: Ազգային իտէալ եղած «Քըզըլ էլմա»-ն թուրք միասնականութեան, այսինքն Թուրանի ստեղծումն է, թուրանական դաշինքը կամ կայսրութիւնը: Ասոր առաջին շրջանը «անկախութիւն»-ն է, երկրորդը «միասնականութիւն»-ը, իսկ երրորդը «ներխուժումներու» շրջանն է: Այդ իմաստով ալ թրքական դիցաբանութեան մէջ թուրքերու ու յատկապէս Օղուզ թուրքերու համար առանձնացուած, սակայն աւելի շատ երկիրներու կամ ալ անոնց ազգային երազանքները հրապուրիչ կերպով խորհրդանշող արտայայտութիւն է «Քըզըլ էլմա»-ն:

Այս իսկ պատճառով Աթսըզը իր ստեղծագործութիւններէն մէկը նուիրած է «Քըզըլ էլմա»-ին, որուն մէջ հետեւեալը կը գրէ.

Կարմիր Խնձոր

Կեանք կոչածդ, հարիւր դրամ արժող փամփուշտով կ՛աւարտի,
Հեռու է Աստուծոյ ճանապարհը. կանուխ ել լաւ հագիր:
Մեղք, ամբողջ կեանքի ընթացքիդ այդքան կարօտցած.
Պիտի մահանաս, գեղեցիկ «Կարմիր խնձոր»-իդ չհասած:

(Թարգմանութիւնը` Աւօ Գաթրճեանի)

Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզի գիրքերը

Աջակողմեան սուր Նիհալ Աթսըզը 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն Թուրքիոյ մէջ համայնավարութեան շարժումին եւ իսլամիզմի կողմնակիցներուն կտրականապէս դէմ կանգնած է: Ան ողջ կեանքի ընթացքին ձախակողմեան շրջանակներու կողմէ «ֆաշիստ» յայտարարուած է, սակայն Աթսըզը ինքզինք ֆաշիստ չէ նկատած, այլ միայն ու միայն թուրքիստ-թուրանական համարած է: Թուրք-իսլամական տեսակէտը պաշտպանողներու հետ բնաւ չէ համագործակցած, այլ թրքութեան պաշտպանը եղած է:

Աթսըզը իր քաղաքական կեցուածքներուն եւ տեսակէտին համար առիթով մը հետեւեալը գրած է. «Իմ մասիս զանազան տեսակի խօսքեր ըսող մարդոց եւ իսկական գաղափարս հարցնողներուն կ՛ուզեմ հետեւեալը ըսել, թէ ես ո՛չ ֆաշիստ եմ, ո՛չ դեմոկրատ: Ես ոչ մէկ օտար ծագում ունեցող գաղափարի ինքզինքս չիջեցնող ազգային գիտակցութեամբ եւ հպարտութեամբ թուրք եմ: Քաղաքական, ընկերային դաւանանքս թուրքիզմն է»:

Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզին յօդուածները հետագային ամփոփուած են «Յօդուածներ» վերնագրով չորս հատորներու մէջ:

Աթսըզի «յօդուածներ» գիրքի երրորդ հատորին մէջ ցայտուն կերպով կ՛ընդգծուին անոր ցեղապաշտական կեցուածքները` հայ, յոյն եւ քիւրտ ժողովուրդներուն նկատմամբ: Հոս լուսարձակի տակ կ՛առնենք անոր գրութիւնները, թէ ի՛նչ գրած է քրտական հարցէն մեկնելով. «Եթէ քիւրտերը իրենց խելքը գլուխը չհաւաքեն, եթէ շարունակեն խաղալիք դառնալ օտար ուժերու, եւ եթէ շարունակեն վազել քրտական պետութիւն մը հիմնելու երազին ետեւէն, այն ատեն անոնց ճակատագիրը պիտի ըլլայ արմատէն բնաջնջուիլ երկրագունդի վրայէն: Թուրք ցեղը 1915-ին հայերը, 1922-ին ալ յոյները այս երկրէն ոչնչացնելով` ցոյց տուած է, թէ ինչե՜ր կրնայ ընել բոլոր անոնց, որոնք աչք կը տնկեն գետի նման արիւն հոսեցնելու գնով շահուած այս հողերուն»:

Աթսըզի նոյն գիրքէն կը մէջբերենք ուրիշ շատ ծանր հատուած մը. «Այո՛, եթէ քիւրտը կը յամառի հոս մնալ, եթէ տակաւին կը պնդէ, որ պէտք է խօսի չորս-հինգ հազար բառերէ կազմուած իր տարօրինակ լեզուն, կամ եթէ կ՛ուզէ քրտական պետութիւն մը հիմնել այս հողերուն վրայ, այն ատեն թող երթայ հոսկէ: Մենք այս հողերուն տիրացանք գետի նման արիւն հոսեցնելով, արմատախիլ ընելով վրացիները, հայերը, յոյները, դարձեալ գետի նման արիւն հոսեցնելով` այս հողերը պաշտպանեցինք խաչակիրներու արշաւանքներուն դիմաց: Քիւրտերը մինչեւ 1839 զինուորական ծառայութիւն իսկ չըրին: Բայց նոյնիսկ եթէ հարիւրէն հարիւր մեծամասնութիւն դառնան, Թուրքիոյ որեւէ հողամասին վրայ պետութիւն մը հիմնելու իրենց երազը երազ մը ըլլալէ անդին պիտի չերթայ, ինչպէս` յոյներուն Բիւզանդիոնի երազը կամ հայերուն մեծ Հայաստան մը հիմնելու երազը: Այս պատճառով լաւ կ՛ըլլայ, որ անոնք հոսկէ երթան, հեռանան` նախքան Թուրքիոյ գլուխը դարձեալ փորձանքի մատնելը: Ո՛ւր կ՛երթան: Իրենց սիրտը ուր որ կ՛ուզէ, հոն երթան: Իրան երթան, Փաքիստան, Հնդկաստան, Պարզանիին երթան: ՄԱԿ-ին դիմելով` Ափրիկէի մէջ հողամաս մը ուզեն: Եթէ կ՛ուզեն սորվիլ, իրենց հայ բարեկամներուն թող հարցնեն, որպէսզի իմանան, թէ թուրքը ինչպէս համբերատար է, բայց եթէ բարկանայ, Գաղանի առիւծ կը դառնայ»:

Ցեղապաշտութեան -թուրանականութեան դատավարութիւնը

Ցեղապաշտական արտայայտութիւններու շարքը կ՛երկարի, քանի որ այսպիսի գրութիւններ ու մտածումներ գիրքին մէջ բազմաթիւ են: Երբ կը կարդանք Աթսըզին գիրքը, հոն շեշտուած ձեւով կը տեսնենք, որ Աթսըզը բնաւ ալ չի մտածեր պատահարները քողարկելու կամ ծածկելու մասին` գործածելով «բնաջնջել», «արմատախիլ ընել»-ու նման բառեր, կամայ թէ ակամայ կը մտնէ «ցեղասպանութեան» ըմբռնումի բնագաւառէն ներս: Նիհալ Աթսըզի աչքին այսպիսի արարքներ թուրք ցեղին մեծութեան ու զօրութեան փաստերն են:

Աթսըզը թուրք գրականութեան պատմութեան մէջ մասնագիտացած է եւ հրատարակած է շարք մը գիտական ակնարկներ` օսմանեան գրականութեան եւ պատմութեան մասին: Անոր հարցերը ամփոփուած եւ հրատարակուած են 1975 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Թիւրք թարիհինտէ մեսելելեր» («Թուրք պատմութեան մէջ հարցեր», «Türk Tarihinde Meseleler») խորագրով գիրքին մէջ:

Նիհալ Աթսըզը, առանց բառերը ծամծմելու, գիրքին 50 եւ 51 էջերուն մէջ բառացիօրէն հետեւեալը կը գրէ. «Թուրանականութիւնը մեզի համար սրբազնագոյն նպատակ է: Թուրանականութիւնը վեհ գաղափար մըն է, քանի որ ազնուական նպատակ մըն է… երէկ հերթը Հաթայինն էր` Իսկենտերունի սանճաքինը, այսօր Կիպրոսինն է, իսկ վաղը հերթը պիտի գայ Արեւմտեան Թրակիոյ եւ Քերքուքի, եւ հետեւեալ օրն ալ` Ազրպէյճանի եւ հուսկ ուրեմն` աւելի անդին: Այս է հաստատ ճշմարտութիւնը: Եւ ոչ ոք թող իր գլուխը պահէ աւազին մէջ»:

Իսկ Թուրքիոյ եւ թուրքերու պատմաշինծու ըլլալու իրողութիւնը Աթսըզը այսպէս երեւան կը հանէ ու կը խոստովանի. «Մեր ամէն բանին նման` տակաւին յստակ չեն մեր պատմութեան ուրկէ սկսիլը, ինչ փուլերէ անցնիլը, ովքե՞ր թուրք են իսկապէս եւ այլն»:

Հիւսէյն Աթսըզը «իտէալիզմ»-ը  աւելի դրսեւորելու եւ անոր համակիրներուն թիւը բազմացնելու համար մահը վերլուծած է հետեւեալ ձեւով.  «Իտէալիզմ»-ի ճամբուն վրայ մեռնողները, երբ վերջնական խաւարի մէջ կը կորսուին, ուղեղներու մէջ, ճրագի մը պէս լուսաւորելը լաւ է: Սակայն աւելի լաւ է ուղեղներէն եւ հոգիներէն ալ հեռու գտնուելով` խաւարին հետ մէկ ըլլալ:

«Ապրիլը` կարճ ժամանակ մը ապրիլ է միայն: Իսկ մահը` մինչեւ տիեզերքի յաւիտենականութիւնը: Յիշողութիւններու եւ հոգիներու մէջ դարերով ապրում կամ ալ յիշողութիւններէն եւ հոգիներէն ջնջուելէն ետք յաւիտենականութեան մէջ, մինչեւ վերջը ապրիլը կը շարունակէ»:

Իսկ այլ յօդուածով մըն ալ ապրելու, զոհողութեան եւ նահատակութեան մասին ընդգծումներ ընելով` լայն բացատրութիւն տուած է, եւ հոն հետեւեալը կ՛ըսէ. «Ապրելու իրաւունքէն հրաժարիլը ի՜նչ լաւ բան է, առանց յիշուելու, հոգիներէն ջնջուիլը, մոռցուած ապրիլը ատկէ լաւ է: Ամէն զոհողութիւն սքանչելի է, սակայն ստեղծագործութեան ստորագրութիւն դնելը, իտէալիզմի ճամբուն, անուն չթողած ջնջուիլը ամէն ինչէ սքանչելի է»:

Աթսըզի գաղափարախօսութիւններէն է նաեւ. «Ազգային զգացումները արթուն եղած տեղը օտար բջիջներու փողը չի նուագուիր: Իտէալները արեամբ, զոհողութեամբ, սխրագործութեամբ կը սնանին: Մեր մեռած ընթացքը, մեր աչքերուն փայլած վերջին լոյսը ազգային ժառանգի երազը պիտի ըլլայ»:

Կծու ու սուր ոճ ունեցող, մոլեռանդ ազգայնամոլ Աթսըզը իր ցեղապաշտութեամբ յատկանշուող վերաբերմունքներուն ու գրականութեան ճամբով տարածած քաղաքական գաղափարներուն մասին առիթով մը ըսած է` «Ըրինք, բայց նորէն կ՛ընենք»:

Հետագային անոր գաղափարներու հիման վրայ ծնունդ առած են ազգայնական կուսակցութիւններ, ինչպէս` Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը (MHP), «Պէօյիւք պիրլիք փարթիսի»-ն (Մեծ միասնութիւն կուսակցութիւն, Պէ. Փէ. Փէ.) եւ այլն:

Մէ. Հէ. Փէ. կուսակցութեան հիմնադիր Ալփարսլան Թիւրքեշ Աթսըզի գործակից եւ հետեւորդ եղած է: Մէ. Հէ. Փէ. կուսակցութեան հովանաւորութեամբ կը գործէ երիտասարդական «Պոզ քուրթ» («Գորշ գայլ») կազմակերպութիւնը, որ հետագային անուանափոխուեցաւ «Իւլքիւ օճաքլարը»-ի: Այս բոլորը Մէ. Հէ. Փէ. կուսակցութեան պատկանող «Իւլքիւ օճաք»-ները եւ անոնց հազարաւոր «իւլքիւճիւ»-ները Աթսըզի գաղափարախօսութեան ծնունդն են:

Միւս կողմէ` Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնէն անջատուած Մուհսին Եազըճըօղլուի (1954-2009) ղեկավարութեամբ ծնունդ առած «Պէօյիւք պիրլիք փարթիսի»-ն ալ նոյն Աթսըզի գաղափարախօսութիւններով տոգորուած է, բնականաբար նաեւ կը դաւանի համաթրքական գաղափարախօսութիւն, իսկ անոր երիտասարդական թեւը աշխուժ ձեւով կ՛աշխատի այդ ուղղութեամբ:

Այսպիսով, Թուրքիոյ մէջ ազգայնամոլութիւնը աճ արձանագրած է թէ՛ հասարակական եւ թէ՛ իշխանութիւններու մակարդակին վրայ:

Աթսըզին անունը յաւերժացնելու համար կարգ մը «Իւլքիւ օճաք»-ներ, փողոցներ եւ այլ ազգայնամոլ կեդրոններ, կառոյցներ ու հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ համացանցի վրայ կայքէջեր եւ Դիմատետրի վրայ շատ մը էջեր անոր անունը կը կրեն:

Նիհալ Աթսըզի դատավարութիւնը եւ այդ պատճառով տեղի ունեցած ցոյցը պատճառ դարձան, որ 3 մայիս 1945 թուականէն սկսեալ մինչեւ այսօր Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ թուրք ցեղապաշտներու կողմէ «Թրքութեան օր»  յիշատակուի, եւ զանազան ձեռնարկներ կազմակերպուին:

Թրքութեան գաղափարախօս Աթսըզ «Թրքութեան օր»-ուան առիթով 1974 թուականին «Էօթիւքեն» պարբերաթերթի 5-րդ թիւին մէջ հետեւեալը գրած է. «Մայիսի 3-ը տօն չէ, ազգային գիտակցութեան ապստամբութիւնն է»:

Վերջապէս, թրքութեան գաղափարախօս Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզը Թրքական Հանրապետութեան մէջ եղաւ թրքութեան առաջին գաղափարախօսը: Աթսըզ եղաւ այն ազգայնամոլ անձը, որ համաթրքութեան գաղափարները ամէնէն ազդու օրինակներով տարածեց եւ անոր համար ալ դատապարտուեցաւ ու բանտարկուեցաւ նոյն ինքն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ:

Անոր կտակած գրականութիւնը եւ գիրքերը կը մնան համաթրքութեան ժառանգութիւն: Ժողովուրդին մէջ հրահրեց ազգայնական զգացումներ եւ խեղաթիւրուած տեղեկութիւններով, իր սրամիտ յատուկ ոճով վերակենդանացուց եւ ներկայացուց թուրանական ժողովուրդները` սելճուք-թուրքերը, մոնկոլները, օսմանցի թուրքերը, թիւրքմենները անոր գրական գործերով կեանք առին Աթթիլաները, Ալփարսլանները, Տուղրիլները, Լենկ Թիմուրները, Օղուզ Խաներն ու Ճենկիզ Խաները, որոնք պատմութեան ընթացքին պատուհաս դարձան համայն աշխարհին: Այդ բարբարոսներուն արշաւած տարածաշրջանի ժողովուրդները, առաջին հերթին` յատկապէս հայ ազգը, մարդկային, հողային եւ մշակութային բնաջնջումով, կորուստով ու կոտորածով մեծ վնաս կրեցին:

Հիւսէյն Աթսըզի գրութիւններուն մէջ ցայտուն կերպով հրապարակուած են ցեղային եւ կրօնական խումբերու դէմ ատելութեան դրսեւորում պարունակող գրութիւններ, յօդուածներ, որոնց մէջ առկայ եղած են ընդհանուր առմամբ ցեղապաշտական ու ազգայնական բնոյթի արտայայտութիւններ:

Աթսըզը դէմ եղած է Մուսթաֆա Քեմալի որդեգրած քաղաքականութեան, յատկապէս երբ այս վերջինը Թրքական լեզուաբանական ընկերութեան քարտուղար նշանակած էր հռչակաւոր լեզուաբան, բանասէր եւ ուսուցիչ Յակոբ Մարթայեանը (22 մայիս 1895, Կ.Պոլիս – 12 սեպտեմբեր 1979, Կ. Պոլիս)` ծանօթ «Տիլաչար»-ը (թրքերէնի մէջ Տիլաչար կը նշանակէ լեզու բացող): Աթսըզի թեզը այն էր, որ Թրքական լեզուաբանական ընկերութեան քարտուղար մը պէտք չէ հայ ըլլայ, այլ միայն` թուրք:

Աթսըզը իր ցեղապաշտ գաղափարներով տասնեակ հազարաւոր սերունդներ սնուցանեց ու տակաւին կը սնուցանէ, անոնք պատուհաս կը դառնան Թուրքիոյ տարածքին, յատկապէս` ոչ թուրք ժողովուրդներուն համար:

Ընդհանուր առմամբ, ան ատելութեան դրսեւորումներ ցուցաբերած է ոչ թուրք ազգերու նկատմամբ. զանազան յօդուածներու կամ բանաստեղծութիւններու բացասական շեշտադրումով անդրադարձ կատարած է, յատկապէս հայերը թիրախ դարձած են բազմաթիւ հրապարակումներու մէջ, եւ ատելութեամբ խօսած է անոնց մասին: Անոր գրականութիւնը թարգմանուած է շատ մը լեզուներու, յատկապէս` թրքացեղ ճիւղին պատկանող լեզուներուն:

Այսպէս, տասնամեակներ Աթսըզի «Պոզ քուրթ»-երը (Գորշ գայլ), անոր ցուցմունքներուն հետեւելով, շարունակ գործեցին երբեմն ինքնագլուխ, իսկ երբեմն ալ` թրքական իշխանութիւններու, բանակին ու կազմակերպուած ոճիրի հեղինակութիւններուն հետ, յագուրդ տալու համար իրենց ազգայնամոլական մոլուցքին, միաժամանակ իրականացնելու համար պետական պատուէրներ «ներքին եւ արտաքին ընդդիմադիրներ»-ու չէզոքացում, յատկապէս հայերը եւ քիւրտերը ճնշելով եւ այլն:

Այսպէս, Աթսըզը թրքութեան ցեղապաշտական մոլուցքով գրգռեց իր վոհմակներու շարքայինները` ատելութիւն սերմանելով ոչ թուրք ժողովուրդներու նկատմամբ:

(Շար. 2 եւ վերջ)

Անդրադարձ. «Վիրահատում»-ն Ու Անոր Գինը

0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու չորեքշաբթի, 10 յունուարին յայտնեց. «Իրանն ու Ռուսիան պէտք է սանձեն սուրիական վարչակարգը: Անոնք պէտք է գիտակցին Սուրիոյ մէջ իրենց պարտաւորութիւններուն»: Մէկ օր առաջ Անգարայի մէջ Ռուսիոյ եւ Իրանի դեսպանները կանչուած էին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, եւ անոնց փոխանցուած էր Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ սուրիական բանակի գործողութիւններուն նկատմամբ Անգարայի հետզհետէ աճող մտահոգութիւնը:

Թուրքիա, Իրան եւ Ռուսիա Ասթանայի ժողովի ընթացքին Իտլիպի մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտի ստեղծելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած էին եւ ստանձնած անոր պահպանման երաշխաւորի դերը: Սակայն Իտլիպի մէջ թրքական բանակի գործողութիւնները դժգոհութիւն յառաջացուցած էին Մոսկուայի եւ Թեհրանի մօտ, որոնք Անգարան մեղադրած էին համաձայնութիւնը խախտելու մէջ: Պարզ է, որ սուրիական բանակը պիտի չյանդգնէր Իտլիպի մէջ գործողութիւններու ձեռնարկել` առանց ռուսական եւ իրանեան կանաչ լոյսին: Այդ գործողութիւնները ռուսական պատժական տնօրինում մըն են: Երկուշաբթի, 8 դեկտեմբերին Իտլիպի Տարաթ Իզզա շրջանին մէջ անծանօթ զինեալներու կողմէ «Առ.Փի.Ճի.»-ով թրքական բանակի շարասիւնին դէմ կատարուած յարձակումը, թրքական զինուորական մեքենայի մը քանդումն ու անոր յաջորդած բախումը կու գային ընդգծելու լրջութիւնը թրքական կողմին յղուած «պարտաւորութիւններդ կատարէ՛, այլապէս զայն ուրիշը պիտի կատարէ» պատգամին:

Բնականաբար ատիկա նեղ կացութեան կը մատնէ եւ լրջօրէն կը մտահոգէ Անգարան, որովհետեւ Իտլիպի մէջ դերակատարութեան կորուստը կը նշանակէ սուրիական տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան լուսանցքայնացումը` անկէ բխող բոլոր հետեւանքներով:

Ուաշինկթըն յայտարարած էր, որ քիւրտերուն հետ իր դաշինքը կ՛աւարտի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին աւարտով: Ռուսիա` շահագործելով քիւրտերը մտահոգող ամերիկեան կեցուածքը` քիւրտերը սիրաշահելով Միացեալ Նահանգները Սուրիայէն դուրս մղելու մտադրութեամբ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները հրաւիրած է այս ամսուան ընթացքին Սոչիի մէջ նախատեսուած միջսուրիական խորհրդաժողովին, սակայն Թուրքիան քրտական կողմի մասնակցութեան դէմ վեթօ հաստատած է` սպառնալով չմասնակցիլ եւ արգելակել սուրիական ընդդիմադիր շարք մը խմբաւորումներու մասնակցութիւնը նշեալ խորհրդաժողովին:

Ստեղծուած կացութեան մէջ Մոսկուա կրնայ Անգարային առաջարկել Իտլիպի մէջ Դամասկոսի զինուորական գործողութիւնները «սանձել», եթէ Անգարան վերցնէ Սոչիի խորհրդաժողովին քրտական մասնակցութեան դէմ իր վեթոն: Միւս կողմէ, սուրիական բանակի գործողութիւններու շարունակման իբրեւ հետեւանք, Իտլիպի մէջ թրքական դերակատարութեան վերացումը կրնայ փրկել քրտաբնակ Աֆրինը: Իսկ ո՞րն է աւելի լաւ քիւրտերուն համար… Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքովի երէկ կատարած` «երաշխաւոր երկիրները պէտք է (Սոչիի խորհրդաժողովի) մասնակիցներու ցանկին շուրջ համաձայնութիւնը վերջնականացնեն» յայտարարութիւնը կու գայ յուշելու, որ Մոսկուայի նախընտրութիւնը առաջին լուծումն է:

Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ Ասթանայի մէջ գոյացած համաձայնութիւնը պիտի ենթարկուի անմիջական վիրահատութեան մը, որուն համար անխուսափելի գին մը պիտի վճարեն նաեւ քիւրտերը:

 

 

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Շնասէրներ

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ

Այս օրերուն, այլ երկիրներու օրինակով, կը նկատենք, որ կան նաեւ հայեր, որոնք կ՛ընդառաջեն Աւետարանի սիրոյ պատգամի նշանաբանին: Գիտենք նաեւ, որ կան սէրը յիշեցնող շատ մը իմաստներ, օրինակ` աշխատասէր, ազգասէր, գթասէր, այլասէր, միմեանց սիրել, իսկ եկեղեցական Ս. պատարագի ընթացքին «Տէ՛ր, ողորմեա՛» շարականով կ՛աղերսենք Աստուծոյ, որ հայ ազգին տայ սէր, միութիւն:

Հասկնալի է, որ շատ են սիրոյ տեսակները, բայց վերջերս գիտցանք, որ մեր ժողովուրդը, անշուշտ` ոչ բոլորը, կը սիրէ կատուն, շունը եւ այլ կարգ մը ընտանի անասուններ եւ այնքան կը գուրգուրան անոնց վրայ, որ կրնայ մանուկի մը նախանձը գրգռել: Անասուններուն մարդկային ծնողէ մը աւելի հոգ կը տանին. շան մը ուտելիքի, բժիշկի, մաքրութեան, նոյնիսկ երբեմն գործողութեան ծախսերը կը հասնին այնպիսի գումարներու, որոնցմով կրնան սաներ որդեգրել հայկական դպրոցներու մէջ:

Նկատած ենք երբեմն, որ երիտասարդ պարմանուհի մը այնքան սեղմ գրկած կ՛ըլլայ իր սիրած շունը, որ յաճախ մայրեր չեն գիտեր այդպէս շիտակ եւ ուժգին գրկել իրենց քանի մը ամսական երեխան, որուն ամէն մէկ կակուղ անդամը կ՛երերայ հոս-հոն, երբեմն առանց գլխանոցի, նոյնիսկ` սաստիկ ցուրտին կամ տաքին:

Ինչ կը վերաբերի փողոցներուն մէջ շուներու պտոյտին, այնքան շատցան անոնց երթեւեկները, որ երբեմն առաւօտուն մայթերը անոնց աղտոտութիւններով զարդարուած կը տեսնենք, եւ օր ցերեկով ալ զանոնք պտտցուցած ատեն անոնց տէրերը ազատութիւն կու տան իրենց պէտքերը կատարելու ուզած տեղերնին:

Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել գամփռի նման այն խոշոր շուներուն, որոնք յանկարծ դիմացդ կ՛ելլեն մայթերու մէկ անկիւնէն` իրենց հսկայ մարմնով, հակառակ անոր որ կապը տիրոջ ձեռքը կ՛ըլլայ, բայց անոնք անպայման վախ կ՛ազդեն փոքրիկի մը, սիրտը տկար անձի մը կամ յղի կնոջ մը. երբեմն ալ արու եւ էգ շուներ հեռուէն զիրար տեսնելով` ահռելի հաջոցներ կ՛արձակեն:

Չմոռնանք նաեւ, որ ամիսներ առաջ լիբանանեան արուարձաններէն մէկուն մէջ տարիներու երկու դրացիներ շուներու հաջոցին պատճառով եւ իրենցմէ մէկուն ջղայնութեան պահուն զէնքով զիրար զարկին եւ սպաննուեցան այրն ու կինը, իրենց երիտասարդ զաւակը եւ նաեւ այլ դրացի մը` միջամտելու ատեն, ու տակաւին ուրիշ ի՜նչ հարցեր կը ծագին մարդոց միջեւ այլ տեղերու մէջ: Ա՛լ չենք խօսիր շուներու ներկայութիւնը տուներու մէջ, ուր մանուկներ կան, եւ առողջապահական հարցեր կրնան ծագիլ:

Չենք գիտեր, թէ վերջերս ինչո՛ւ անասուններու սէրը այսքան մեծցած է մարդոց մէջ, արդեօք մարդիկ սկսած են զիրար ատե՞լ եւ իրենց բարեկամութիւնը կը փնտռեն շունի մը, կատուի մը կամ այլ անասունի մը ներկայութեան մէջ: Նոյնիսկ լսուած է, որ անոնց տարեդարձը կը տօնեն, ոսկի կ՛անցընեն, ժառանգ կը ձգեն եւ այլն: Այլ հարց, որ կան նաեւ ոստիկան շուներ, որոնք կը մարզուին պետական հետախուզական մարմիններուն կողմէ, նաեւ` որսի շուներ, որոնք ընդհանրապէս միայն մասնաւոր կերպով կ՛ընկերակցին իրենց տէրերուն, իսկ անասուններու պաշտպան ընկերութիւնները ի՞նչ նպատակներով կը գործեն, պէտք է իրենց հարցնել:

 

 

Viewing all 12041 articles
Browse latest View live