Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12097 articles
Browse latest View live

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. 2018. Վերանորոգումի Տարի

$
0
0

Թէեւ ընթացիկ տարի մը աւարտած ըլլալու հոգեվիճակով ահա անցեալին ու պատմութեան կը յանձնենք հին տարին, այդուհանդերձ, նոյնպիսի տրամադրութեամբ եւ հոգեբանութամբ չենք դիմաւորեր եկող նոր տարին:

Չենք ալ կրնար ընթացիկի արժեչափով դիտել ու ողջունել ահա յաղթաքայլ իր ոտնաձայնները լսելի դարձնող 2018-ի ժամանումը:

Նոր տարուան հետ փաստօրէն կը դիմաւորենք ու կը տօնենք դարադարձը հայ ժողովուրդի եւ Հայաստան աշխարհի արդի ժամանակաշրջանի ազատագրութեան եւ անկախութեան նուաճումին, որ պսակուեցաւ հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումով ու ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր կերտումով:

Այո՛, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, ազգովի՛ն կը նշենք դարադարձը 28 մայիս 1918-ի պատմակերտ յաղթանակին, որ եկաւ շտկելու եւ ամրապնդելու ողնաշարն ու մէջքը դարաւոր գերութեան տակ հիւծած ու կքած, այլեւ` օտար ասպատակողներու հայաջինջ ու հայրենակուլ հարուածներուն տակ մասնատուած եւ ուծացման դատապարտուած հայ ժողովուրդին` հայոց աւետեաց երկիր Հայաստան աշխարհի փոքր մէկ հողակտորին վրայ շրջելով պատմութեան թաւալգլոր անկումի մահաբեր ընթացքը:

28 մայիս 1918-ին Արարատեան դաշտին մէջ կծկուած, թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ոճիրէն դեռ չվերականգնած, այլեւ` ռուս թէ եւրոպացի իր բարեկամներուն ու դաշնակիցներուն կողմէ իր բախտին լքուած վերապրող հայութիւնը, բառին իրա՛ւ թէ փոխաբերական իմաստներով, ըստ ամենայնի յարութիւն առաւ, փիւնիկի նման յառնեցաւ մոխիրներէն եւ արդի ժամանակներու մարդկութեան մեծ ընտանիքին մէջ արժանաւորապէս իր անսակարկելի տեղը գրաւեց:

28 մայիս 1918-ի պատմակշիռ նուաճումին հարիւրամեակը համազգային տարողութեամբ տօնելով` 2018-ի ամբողջ տեւողութեան, մեր ժողովուրդը էջ առ էջ պիտի բանայ ու հաղորդուի Մայիսեան հերոսամարտերուն խորհուրդով ու պատգամով, «Հայրենիք կամ մահ» վճիռով մէկ մարդու պէս պայքարի դաշտ նետուելու ազգային մեր ուխտը պիտի վերանորոգէ` Արամ Մանուկեանի եւ ֆետայական սերունդի, այլեւ ու մանաւանդ հայոց անկախութեան ճակատամարտերը յաղթանակի առաջնորդած Նազարբէկեան, Սիլիկեան եւ Բէկ-Փիրումեան անուն հայոց զօրավարներու ԱՒԱՆԴ-ը անլռելի զանգակատան ղօղանջներով թնդացնելով:

Աւելի՛ն. 2018-ը կոչուած է վերանորոգումի տարի մը ըլլալու, յատկապէս` Հայաստանի անկախութեան անփոխարինելի արժէքին եւ ազգային պետականութեան ու ազատ հանրապետութեան կենսայորդ կռուաններուն ազգովին տէր կանգնելու հարիւր տարի առաջուան մեր միասնականութիւնը վերահաստատելով:

Կը բաւէ` որքա՛ն անհարկի տուրք վճարուեցաւ հայ քաղաքական մտքին կողմէ` 28 մայիս 1918-ի ազգային-քաղաքական հանգանակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականին շուրջ երկփեղկում հրահրելով եւ պառակտում սերմանելով, ամբողջ հայութիւնը արհեստականօրէն հակադիր ճամբարներու բաժնելով` «հայաստանասէրներ»-ու եւ «հակահայաստանեան-ներ»-ու շինծու, մտացածին եւ կեղծ պատուարներով:

Հայաստանի անկախութեան նուաճումին եւ հայոց ազատ պետականութեան վերականգնումին հարիւրամեակը կու գայ մեր ժողովուրդը վերանորոգելու Վահան Թէքէեանի աւետած «Յարութեան շունչ»-ով, որուն մղումով եւ շարժիչ ուժականութեամբ, 1918-ին մէկդի նետուեցան կուսակցական թէ դաւանական, քաղաքական թէ գաղափարական բաժանարար բոլոր գիծերը, եւ մէկ ու միացեալ բռունցք դարձաւ իրաւատէր հայութիւնը:

2018-ը վերանորոգումի տարուան իր խորհուրդը կը տարածէ ու կը խորացնէ նաեւ իր բերած եւ լրացուցիչ երկրորդ` ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան հարիւրամեակով:

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը կեանքի կոչուեցաւ թէեւ Պոլսոյ մէջ, բայց, ըստ էութեան, հանդիսացաւ եւ հարիւր տարի մնաց համայն հայութեան գաղափարական արգասիքը` Հայաստանի անկախութեան նուաճումին եւ հայոց ազգային ազատ պետականութեան հիմնումին:

Տարագիր հայութեան իրերայաջորդ սերունդները ՀՄԸՄ-ի վարքին եւ ուղիին, գործին ու պատգամին մէջ գտան եւ ներշնչուեցան հայ ազգային անանց` համընդհանուր արժէքներու աւանդով:

«Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» պատգամող ՀՄԸՄ-ը իր սկաուտներուն եւ մարզիկներուն ներշնչեց հպարտութիւնը ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի եռագոյնը միշտ առաջնորդ ունենալու արժանաւորութեան:

Եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը տասնամեակներ շարունակ եւ մինչեւ այսօր, երբ Հայաստանի անկախութեամբ ու Հայաստանի Հանրապետութեամբ հաղորդուելու եւ վերանորոգուելու պատեհ առիթներ կ՛ունենայ, ինքնեկ հպարտութեամբ կը փնտռէ, կը հետեւի եւ կը վերանորոգուի` սկաուտներով, մարզիկներով եւ փողերախումբով Երեւանի փողոցներէն թէ աշխարհի մեծ ու փոքր պողոտաներէն վերապրող հայութեան յաղթարշաւը հանդիսադրող ՀՄԸՄ-ի տողանցքներով` եռագոյնի հովանիին ներքեւ:

«Նահատակ ցեղ»-ի եւ «յարուցեալ հայրենիք»-ի պատգամաբերի իր այդ հանգամանքով է, որ ՀՄԸՄ-ի հարիւրամեակը կու գայ ազգային կենսունակութեան եւ ինքնահաւատարմութեան ոգիով տոգորելու Հայաստան աշխարհի պետական անկախութեան եւ ազատութեան խորհուրդը` հայ ժողովուրդի հաւասարապէս բոլոր զաւակներուն եւ հատուածներուն միաւորող ընդհանրական արժէքներու ոգեւորիչ աղբիւրը զուլալ պահելով:

Այսօրինակ խոհերու եւ յոյզերու մակընթացութեամբ կը մօտենայ Նոր տարին`

2018-ի վերանորոգումի տարին:

 


Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Յոբելենականներու Տարին Դարձնենք Ոստումներու Մեկնարկային Տարի

$
0
0

Պատմակշիռ իրադարձութիւններու յոբելենական տարի մը կը մտնենք. իրերայաջորդ տօնակատարութեանց հեւքոտ ժամանակաշրջան մը մեզ կը սպասէ:

Ոչ մէկ կասկած կայ, որ բոլոր տօները պիտի նշուին պատշաճօրէն, փառք ու պսակով, ժողովրդական ու պաշտօնական հանդէսներով ու հանդիսութիւններով, գիտաժողովներով ու խորհրդաժողովներով, խնճոյքներով ու հրավառութեամբ:

Տօները, անշուշտ, պարզապէս քէֆի ու խրախճանքի առիթներ չեն: Անոնք պէտք է ծառայեն անցեալի արժեւորումով եւ գնահատումով ժողովուրդը ապագային հանդէպ նոր յոյսերով ներշնչելու, լիցքաւորելու անոր հոգին ու զայն առաւել ոգեւորութեամբ, մարտունակութեամբ եւ խանդով ուղղորդելու դէպի պայծառ հորիզոններ:

Հայաստանի անկախութեան հարիւրամեակի պետական ու համազգային տօնակատարութիւնները մեզ ազգովին պէտք է տրամադրեն, որ վերստին անկախացած մեր հանրապետութիւնը օժտենք ընկերային արդարութեան վրայ խարսխուած պետական համակարգով, աշխարահատարած իր զաւակները իր գիրկը կանչող նուիրական հայրենիքի բոլոր յատկանիշներով:

Անկախութեան հարիւրամեակը պէտք է դարձնենք հայրենիքի հանդէպ մեր պարտաւորութիւններու, յաւելեալ պատասխանատուութիւններու ստանձնման ուխտի առիթ: Նոր հարիւրամեակը սկիզբէն իսկ պէտք է Հայաստանի ու ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին համար դառնայ բարգաւաճման, հզօրացման բարձունքներու ձգտելու եւ հասնելու շրջան:

Անցեալ տարիներու դառն փորձառութեանց ծնած թերահաւատութիւնը թօթափելով, լաւատեսութեան հիմքերը իրական զոհաբերութիւններու ու անշահախնդիր ծառայութեան սկզբունքներու վրայ դնելով` պիտի ստեղծենք մեր երազած երկիրը, մեր երազի երկիրը:

Արդ, կիսատ-պռատ նուաճումները պիտի չգոհացնեն մեզ, մասնակի յաջողութիւնները պիտի չմխիթարեն մեզ: Դարերու զրկանքներու, հալածանքներու, նախճիրներու բովէն անցած մեր տառապեալ ժողովուրդը արժանի է իր ստեղծագործ տաղանդը անխափան կենսագործելու հնարաւորութիւն ունենալու, խաղաղ, ապահով երկինքի տակ ապրելու` ամուր երաշխիքներով:

Տենդով, վճռական նուիրումով այդ երկիրը պիտի կառուցենք: Ա՛յդ է Հայաստանի անկախութեան հարիւրամեակի յոբելենական մեր խոստումը, մեր ուխտը:

Միւս յոբելեաններն ալ` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ-ի) հարիւրամեակ, Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական ընկերակցութեան 90-ամեակ, պէտք է դիտել նոյն չափանիշներով, նոյն պահանջկոտութեամբ, նոյն պատասխանատուութեամբ: Այս օղակները, իւրաքանչիւրը ծառայութեան իր առաքելութեամբ` նուիրուած է սփիւռքեան ամէնէն դժուարին պայմաններու մէջ նոր սերունդին մէջ ազգային գիտակցութիւն սերմանելու եւ այդ ճամբով հայ երիտասարդը ազգին ու հայրենիքին կապելու գործին:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան աջակցութեամբ ու ներշնչումով ստեղծուած, անոր գաղափարական սկզբունքներով ղեկավարուող ու անոր զօրակցութիւնը մշտապէս վայելող այս կազմակերպութիւնները պատուաբեր յաջողութիւններով լեցուցին սփիւռքահայ տարեգրութիւնը:

Փա՛ռք իրենց կտրած ճանապարհին: Փա՛ռք իրենց հսկայական վաստակին: Փա՛ռք իրենց առաքելութիւնը շարունակելու պատրաստակամութեան ու նուիրումին:

Այս երկու կազմակերպութիւններէն ալ մեր ակնկալիքները մեծ են, ու հաւանաբար ճիշդ կ՛ըլլայ, որ յոբելենական այս տարին անոնց համար ալ դառնայ ոստումներ արձանագրելու անկիւնադարձ:

Մեծագոյն մարտահրաւէրը, թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ, լարուած աշխատելու  յանձնառութիւնը ամէնօրեայ իրողութեան վերածելը պիտի ըլլայ: Ափսո՜ս, որ այդպէս չէ եղած անցեալին: Բայց եւ այնպէս, չբաւարարուինք ափսոսալով, այլ խոստանանք, որ այս յոբելենական տարին մեկնակէտ պիտի ըլլայ նոր սկիզբի, նոր ոստումներու` մեր բոլոր միութիւններուն, բոլոր կազմակերպութիւններուն համար, յոբելենական տարի դիմաւորեն անոնք կամ ոչ:

Անկախութեան Ճամբով. Ակնարկ Մը` Քաթալան Հանրապետական Ձախ Կուսակցութեան

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Քաթալան հանրապետական ձախ կուսակցութիւնը ժողովրդավարական-ընկերվարական եւ ձախ-ազգայնական կուսակցութիւն մըն է, որ կը նպատակադրէ կերտել անկախ Քաթալոնիոյ պետութիւն` հանրապետական, աշխարհիկ եւ ընկերային արդարութեան հիմքերով:

Հանրապետական ձախ կուսակցութիւնը հիմնուեցաւ 19 մարտ 1931-ին, Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած «Ձախերու ժողով»-ին, որուն ընթացքին քաթալան ընկերութեան մէջ գործող յառաջդիմական ուժեր (գլխաւորութեամբ` Քաթալան հանրապետական եւ Քաթալան պետութեան կուսակցութիւններուն) կը միաձուլուին կերտելու համար այսօրուան Քաթալան հանրապետական ձախ կուսակցութիւնը:

Հանրապետական ձախի գաղափարաբանական ակունքները ըմբռնելու համար պէտք է ամպայման հասկնալ նաեւ անոր մէջ միաձուլուած երկու մեծ ուժերու գաղափարաբանական աշխարհահայեացքները: Քաթալան հանրապետական եւ Քաթալան պետութեան կուսակցութիւնները եղած են ժողովրդավարական ու հանրապետական կուսակցութիւններ եւ առաջնահերթ նկատած են մէկ կողմէ տապալել թագաւորական իշխանութիւնը, իսկ միւս կողմէ` ռազմապաշտ-բռնապետ Փրիմօ տէ Ռիվերայի իշխանութիւնը:Անշուշտ, երկու կուսակցութիւններուն միջեւ գաղափարաբանական տարբերութիւնները աւելի ի յայտ եկած են իրենց որդեգրած քաղաքականութիւններուն ընդմէջէն: Օրինակի համար, Քաթալան հանրապետական կուսակցութիւնը եղած է աւելի ձախակողմեան, քան` Քաթալան պետութեան կուսակցութիւնը: Առաջինը աւելի կեդրոնացած էր Սպանիոյ ժողովրդավարացման ու աշխարհիկացման եւ քաթալան ազգային մշակոյթի զարգացման վրայ, իսկ Քաթալան պետութեան կուսակցութիւնը աւելի ծանօթ էր թագաւորական իշխանութեանց դէմ ուժային պայքարով եւ նշանաւոր է Սպանիոյ Ալֆոնսօ ԺԳ. թագաւորին  մահափորձով:

1931-ը անկիւնադարձային տարի մը կ՛ըլլայ Քաթալոնիոյ համար: Հանրապետական ձախ կուսակցութեան ղեկավարութիւնը յաճախ կը յայտարարէր, որ Քաթալոնիան անկախ հանրապետութիւն պիտի մնայ Իպերիոյ մէջ` սպանական դաշնակցային իշխանութիւններուն ներքեւ:14  ապրիլ 1931-ին կը տապալի թագաւորութիւնը, եւ կը յայտարարուի երկրորդ հանրապետութեան ստեղծումը: Ժողովրդային խանդավառութիւն կը տիրէ Սպանիոյ մէջ (ներառեալ` Քաթալոնիոյ): 9 դեկտեմբեր 1932-ին սպանական խորհրդարանը Քաթալոնիոյ ինքնավարութեան կողմ բանաձեւ մը կ՛անցընէ, եւ այսպիսով Քաթալոնիան կը դառնայ ինքնավար համայնք մը` սպանական դաշնակցային հանրապետութեան մէջ եւ կ՛ունենայ իր տեղական խորհրդարանը: 1932-ին տեղի կ՛ունենան Քաթալոնիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին հանրապետական ձախերը կը շահին քուէներուն 47,1%-ը (85 աթոռէն 56-ը) եւ կը դառնան ինքնավար համայնքի կառավարող ուժը:

1936-ի ընտրութիւններուն ընթացքին կը կազմուի յառաջդիմական ուժերը համախմբող միացեալ դաշինք մը, որ կ՛անուանուի «Ժողովրդային ճակատ» անունով: «Ժողովրդային ճակատ»-ին անդամակցող գլխաւոր կուսակցութիւններն էին` Ընկերվար բանուորական, Համայնավար, Մարքսական միաւորման բանուորական կուսակցութիւն (թրոցքիական), առաւել եւս անիշխանական «Աշխատանքի ազգային միութիւն»-ը եւ այլ փոքր ձախակողմեան ուժեր: Հանրապետական ձախ կուսակցութիւնը, համաձայն իր հանրապետական, ժողովրդավարական եւ ընկերվարական սկզբունքներուն, մաս կը կազմէ «Ժողովրդային ճակատ»-ին` ընդդէմ ֆրանքոյական ֆաշական շարժման: Նոյն տարին կը բռնկի սպանական քաղաքացիական պատերազմը: Քաղաքացիական պատերազմի երեք տարիներուն ընթացքին (1936-1939) Հանրապետական ձախը, ընկերակցութեամբ Քաթալոնիոյ մէջ գործող «Ժողովրդային ճակատ»-ի անդամներուն, կը ստանձնէ Քաթալոնիա համայնքի ինքնապաշտպանութիւնը եւ կը յաջողի պարտութեան մատնել նոյն տարուան 19 յուլիսին Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունեցած ֆաշական յեղաշրջման փորձը: Դիմադրութիւնը կը տեւէ մինչեւ 10 փետրուար 1939, երբ Ֆրանքոյի ֆաշական կառավարութիւնը կը գրաւէ Պարսելոնան (ուր ապաստանած էր Սպանիոյ դաշնակցային կառավարութիւնը) եւ կը տապալէ հանրապետութիւնը:

Ինչպէս Սպանիոյ, նմանապէս նաեւ Քաթալոնիոյ մէջ կը ծագին զանազան հարցեր: Այս իմաստով ալ բարացուցական էին համայնավարներուն եւ Մարքսական միաւորման բանուորական կուսակցութեան միջեւ գաղափարական հիմնահարցն ու անիշխանական շարժման ապստամբութիւնը: Ինչպէս յայտնի էր բոլորին, համայնավարները կ՛որդեգրէին ստալինեան կողմնորոշումները, միւս կողմէ ալ մարքսական միաւորը յստակօրէն թրոցքիական ուղղութեան վրայ էր, մինչ անիշխանական «Աշխատանքի ազգային միութիւն»-ը ընկերային յեղափոխութեան կոչ կ՛ուղղէր Սպանիոյ մէջ` համագործակցային սեփականատիրութեան յանձնելով արտադրութեան միջոցները: Այդ ժամանակ Քաթալոնիոյ կառավարութեան նախագահն էր Լուիս Քոմփանիսը (Հանրապետական ձախ կուսակցութեան անդամ), որուն առաջնահերթութիւնն էր միացեալ պահել հակաֆաշական ճակատը. ստալինականներու եւ թրոցքիականներու միասնականութիւնը պահելու համար, Քոմփանիս կը հիմնէ հակաֆաշական մարտական կեդրոնական կոմիտէ, որ կ՛ընդգրկէ Քաթալոնիոյ մէջ գործող բոլոր հակաֆաշական կուսակցութիւնները (ներառեալ` ստալինականներն ու թրոցքիականները) եւ հիմք կը դնէ Քաթալոնիոյ ապահովութեան, որուն մէջ մեծ դեր կը խաղայ Հանրապետական ձախ կուսակցութեան երիտասարդական թեւը: Քաթալանական իշխանութիւնները նաեւ կը զսպեն անիշխանական ապստամբութիւնը, սակայն անվտանգութեան ապահովման սիրոյն, առիթ կու տան համագործակցային սեփականատիրութեան ընդլայնման:

Ֆրանքոյի տարիները դաժան տարիներ կ՛ըլլան սպանացիներուն համար ընդհանրապէս` անոր հետեւած ազգայնամոլ եւ բռնատիրական հակաժողովրդավարական քաղաքականութիւններուն պատճառով: Կ՛արգիլուի բոլոր կուսակցութիւններուն, նաեւ ընդդիմադիր լրատուամիջոցներուն գործունէութիւնը: Սպանացման քաղաքականութիւնը կը սկսի` արգիլելով քաթալաներէնի ու պասքերէնի հանրային օգտագործումը, նոյնիսկ կ՛արգիլուին բոլոր քաթալանական եւ պասքեան տօներուն նշումները: 1939-1975 տարիներուն ընթացքին Հանրապետական ձախ կուսակցութիւնը կը գործէ աքսորի մէջ (Ֆրանսա):

Ֆրանքոյի իշխանութեան անկումէն ետք (1975) հանրապետական ձախերը եւս բացայայտօրէն վերստին հրապարակ կու գան քաթալանական քաղաքական դաշտին մէջ: Հանրապետական ձախերը շուտով կ՛ազդուին սպանական նոր հաստատուած ընկերային-տնտեսական կլիմայէն: Անոնք աջակիցը կը դառնան կնոջական, սեռային հաւասարութեան, աշխարհիկացման եւ հանրապետութեան վերահաստատման շարժումներուն, ինչպէս նաեւ` հակախստամբերական ցոյցերուն: Անոնք 1 հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցած Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէն հովանաւորող գլխաւոր ուժերէն մին կը դառնան:

 

Մեր Համագործակցութիւնը Միտուած Է Ներքին Ու Արտաքին Մարտահրաւէրների Դիմակայմանը

$
0
0

ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ, ԱՀ ԱԺ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեանն ամփոփել է անցնող տարին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս էք գնահատում տարին` ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման տեսանկիւնից:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Խօսելով 2017 թուականի մասին` չենք կարող շրջանցել 2016 թուականի ապրիլեան իրադարձութիւնները եւ դրան յաջորդած ժամանակաշրջանը: Լուրջ ակնկալիքներ ունենալու որեւէ միտում մենք չունէինք, մանաւանդ` նկատի առնելով այն փաստը, որ 2016 թուականի ապրիլից յետոյ կայացած Վիեննայի եւ Ս. Փետերպուրկի հանդիպումների ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններն այդպէս էլ մնացին զուտ պայմանաւորուածութիւններ:

Ի հարկէ, կարելի է առանձնացնել նաեւ այն առաջընթացը, որն արտացոլուեց նախագահների եւ արտաքին գործերի նախարարների հանդիպումների մակարդակով: Այնուհանդերձ, այստեղ պէտք է նկատի առնել նաեւ այն, որ Ազրպէյճանը փորձում էր դէպի փակուղի տանել ղարաբաղեան հիմնախնդրի բանակցային գործընթացը: 2017 թուականի հայկական դիւանագիտութեան որոշակի առաջընթացին զուգընթաց` ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը նահանջ էր ապրում: Այդ հանգամանքը, որպէս այդպիսին, լուրջ եւ շօշափելի արդիւնքներ չի ապահովել, բայց, այնուհանդերձ, ընդհանուր կայունութեան, խաղաղութեան եւ նաեւ սթաթուս քուոյի ապահովման առումով ունեցել ենք կարեւոր ձեռքբերում:

Հ.- 2017 թուականին Արցախի ներքին քաղաքական կեանքում ի՞նչ իրադարձութիւններ կ՛առանձնացնէիք:

Պ.- Տարին հիմնականում ողողուած էր սահմանադրական բարեփոխումների եւ նախագծի` դրան յաջորդած քաղաքական անցուդարձերով. նախագահի ընտրութիւն, կառավարութեան կազմաւորում եւ օրէնսդրական փոփոխութիւնների գործընթաց:

Հ.- Չնայած որ Դաշնակցութիւնը դէմ է քուէարկել սահմանադրութեան նախագծին, այնումենայնիւ մնաց որպէս իշխանութեան մի մաս: Արդեօ՞ք այդ կեցուածքը չի ազդել միւս իշխանական կուսակցութիւնների հետ համագործակցութեան վրայ:

Պ.- Ժամանակին մենք տուել ենք սահմանադրութեան նախագծին դէմ լինելու եւ Դաշնակցութեան իշխանութեան մաս մնալու հանգամանքի մասին բոլոր մեկնաբանութիւններն ու բացատրութիւնները: Խօսել ենք նաեւ ապագայ անելիքների մասին, եւ նշեմ, որ ոչ միայն Դաշնակցութիւն-իշխանութիւն, այլ նաեւ Դաշնակցութիւն-քաղաքական այլ ուժեր յարաբերութիւնների պարունակում որեւէ փոփոխութիւն եւ քաղաքական յարաբերութիւնների նահանջ չի արձանագրուել: Մենք բնականոն ընթացքով շարունակում ենք մեր համագործակցութիւնը խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերի հետ:

Մեր համագործակցութիւնը միտուած է հիմնականում երկրի ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրների դիմակայմանը, եւ, այդ իսկ առումով, սահմանադրական բարեփոխումները եւ նոր սահմանադրութեան ընդունումը չէին կարող խաթարել այդ մարտահրաւէրներին դիմակայելու ուղղութեամբ քաղաքական համագործակցութեան հեռանկարները:

Հ.- Դաշնակցութիւնն առաջադրեց Բակոյ Սահակեանի թեկնածութիւնը: Ի՞նչ ակնկալիքներ ունէք ԱՀ նախագահից:

Պ.- Հերթական անգամ առաջադրելով եւ ընտրելով Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը` մենք որեւէ նոր շեշտադրումների, նոր ակնկալիքների եւ ձեւակերպումների անհրաժեշտութիւն չունէինք:

Դաշնակցութեան ակնկալիքները նախագահ Բակօ Սահակեանից` շարադրուել են դեռեւս 2007 եւ 2012 թուականներին: Այն ուղղութիւնները, որոնք մենք որդեգրել էինք անցած 10 տարիների ընթացքում, ամրագրել էինք մեր համագործակցութեան դաշտում: Բնականաբար, հէնց այդ ուղղութիւններն էին մեզ համար գերակայ` ներքին եւ արտաքին հիմնախնդիրների յաղթահարում, տնտեսական կայունութիւն, քաղաքական համախոհութեան մթնոլորտի պահպանում: Նշուածս ոլորտներում յաջողութիւնների արձանագրման եւ հիմնախնդիրների հանգուցալուծման անհրաժեշտութիւնից էր բխում Բակօ Սահակեանի թեկնածութեան առաջադրումը եւ հետագայ պաշտօնաւորումը:

Հ.- Գո՞հ էք նորակազմ կառավարութեան կազմից:

Պ.- Դժուար է գնահատական տալ մի քանի ամսուայ կեանք ունեցող կառավարութեան գործունէութեանը: Մեր գնահատականը, կարծում եմ, կարող ենք տալ նուազագոյնը 1 կամ 1,5 տարի անց:

Այստեղ կ՛ուզենայի մէկ անգամ եւս բարձրաձայնել մի կարեւոր հանգամանքի մասին: Մեզ այդպէս էլ չյաջողուեց սահմանադրութեան նախագծում կառավարութեան կառուցուածքի ձեւաւորումը վերապահել խորհրդարանին, սակայն Բ. Սահակեանի կողմից ներկայացուած ծրագիրը յուսադրող է առաջիկայ 2,5 տարուայ համար: Պէտք է փորձենք մասնակիցն ու աջակիցը լինել կառավարութեան յաջողութիւնների արձանագրմանը:

Հ.- Դաշնակցութեան ներկայութիւնն Արցախում լայնատարած է. ունէք կոմիտէութիւններ Արցախի բոլոր շրջաններում: Տարուայ կտրուածքով ի՞նչ գործունէութիւն են ծաւալել կուսակցական կառոյցները:

Պ.- Որպէս քաղաքական ուժ` ՀՅԴ Արցախի կառոյցի հարցերի հարցը մնում է երկրի ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրների դիմակայմանը ուղղուած գործունէութեան դաշտի ապահովումը: Դրանից զատ` իւրաքանչիւր շրջան սահմանում է իր տարեկան ծրագիրը` տեղական եւ տեղայնական մի շարք հիմնախնդիրներ հաշուի առնելով:

2017 թուականին սահմանադրական բարեփոխումների գործընթացից զատ` ՀՅԴ Արցախի կառոյցը որոշակի քննարկումների դաշտ է ապահովել երկու կարեւոր հարցերի շուրջ` տեղական ինքնակառավարման մարմինների մասին օրէնքի ընդունման եւ գիւղի ու գիւղատնտեսութեան նկատմամբ որդեգրուելիք նոր քաղաքականութեան արմատաւորման հարցերի շուրջ: Այս երկու հարցերը դարձել են Արցախի ներկուսակցական քննարկումների նիւթ, որի շուրջ աստիճանաբար բիւրեղանում են նաեւ մեր ընդհանուր տեսակէտները, իսկ ապագայում` նաեւ կեցուածքը:

Հ.- Ի՞նչ ձեռքբերում է գրանցել այս տարում ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը:

Պ.- Ինչպէս եւ մեր շրջանային կառոյցները, այնպէս էլ երիտասարդական միութիւնն ունի իր տարեկան ծրագիրը: Տարեկան ծրագրին մաս են կազմում ոչ միայն ներարցախեան, այլ նաեւ համահայկական միջոցառումները, որոնք իրականացնում կամ որոնց մասնակիցն են դառնում արցախցի դաշնակցական երիտասարդները: Համահայկական այդ ձեռնարկների մի մասը իրականացւում է Արցախում` այդպիսով մասնակից դարձնելով ոչ միայն դաշնակցական, այլ նաեւ տարբեր երիտասարդական միութիւնների ներկայացուցիչներին:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը Արցախի երիտասարդական դաշտը ամբողջականացնող, բիւրեղացնող եւ համախմբող կառոյցն է հանդիսացել: Նա միշտ էլ եղել է առաջնորդողի եւ դրօշակիրի դերում: Այդ դերը վերջին տարիներին որոշակիօրէն նուազել է, եւ առաջիկայում մենք պէտք է լուրջ ուշադրութիւն դարձնենք Դաշնակցութեան երիտասարդական միութեանը, մանաւանդ` նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ հայ իրականութեան մէջ դաշնակցական երիտասարդը միշտ ունեցել է իր տեղն ու դերը: Սա պէտք է լինի ոչ միայն անցեալի, այլ ներկայի եւ ապագայի իրողութիւն:

Հ.- Գալիք տարում ի՞նչ նպատակներ է իր առաջ դրել ՀՅԴ Արցախի կառոյցը` ներկուսակցական կեանքի եւ երկրի զարգացման առումով:

Պ.- ՀՅ Դաշնակցութեան նպատակները որդեգրուել են դեռեւս 127 տարի առաջ եւ միտուած են համահայկական նպատակների եւ հեռանկարային ծրագրերի իրականացմանը:

Լինելով համահայկական կառոյցի մի փոքր մասնիկ` ՀՅԴ Արցախի կառոյցը առաջնորդւում է Դաշնակցութեան ընդհանուր եւ շրջանային ժողովների որոշումներով ու բանաձեւերով, որոնք միտուած են ներազգային, ներպետական եւ ներկուսակցական հարցերին:

2018 թուականի յունուարին տեղի է ունենալու ՀՅԴ Արցախի կառոյցի շրջանի գերագոյն ժողովը, որտեղ կը քնարկուեն անցած երկու տարուայ կատարուած աշխատանքները, կը տրուեն գնահատականներ եւ կը սահմանուեն առաջիկայ երկու տարուայ անելիքները` համապատասխան որոշումների եւ բանաձեւերի ընդունմամբ:

Հ.- Ի՞նչ պատգամ ունէք Արցախի ժողովրդին 2018 թուականի շեմին:

Պ.- Շնորհաւորում եմ մեր ժողովրդին, հայ զինուորին գալիք Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան տօների առիթով: Յուսանք, որ 2018 թուականը հայ ժողովրդի համար կը լինի յաջողութիւնների, առաջընթացի, նաեւ ձեռքբերումների տարի` քաղաքական, տնտեսական եւ բոլոր առումներով:

90 Տարիներու Փորձառութիւնն Ու Պատմութիւնը` Հարուստ Ու Պարտաւորեցնող Ժառանգութիւն

$
0
0

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Պատրաստութեան
Վարժողական Ծրագիր

«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը այս տարի կազմակերպեց կարեւոր նախաձեռնութիւն մը` լրագրութեան վարժողական ծրագիրը, որ ընթացք առաւ 24 օգոստոսին եւ տակաւին կը շարունակուի: Անոր կը մասնակցին հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներ Կալի Աւագեան, Ռուբէն Խաչատուրեան, Հուրի Հալէպլեան, Նանար Մինասեան, Նարեկ Քէշիշեան, Գոհար Եագուպեան, Սիլվի Սէրայտարեան, Ալիսիա Իշխանեան, Լոռի Գորէսեան, Արենի Խաչատուրեան, Նարօտ Սէրուժեան, Նանի Գալուստեան, Աւետիս Ապագլեան եւ Քրիստ Իսկենտերեան:

Անոնց հետ կայացած առաջին հանդիպումին «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան վարժողական այս ծրագիրը հեռանկարային նկատեց` մաղթելով, որ այս ծրագիրին անոնց մասնակցութիւնը կ՛ըլլայ հետեւողական: Ան շեշտեց, որ վարժողական ծրագիրը պիտի ընդգրկէ նաեւ հայկական իրականութեան մէջ պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներու շարք մը, որպէսզի ծրագիրը բաւական համապարփակ ըլլայ:

«Լրագրութեան այս դպրոցը պիտի ծառայէ, որ մենք իրարու օգտակար ըլլանք եւ երիտասարդական այս կարեւոր խաւը ներգրաւուած պահենք մեր թերթին», ըսաւ ան:

Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին գործադրութեան հսկող, «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի անդամ Արշօ Պալեան առաջին հանդիպումին առիթով նշեց, որ վարժողական ծրագիրը պիտի ունենայ տեսական, դասախօսական եւ գործնական բաժիններ` աւելցնելով, որ մասնակցողները առիթ պիտի ունենան հետեւելու թղթակցութեան, հարցազրոյցի, յօդուածագրութեան եւ ուսումնասիրութեան պատրաստութեան ձեւերուն, արագ լրահոսի դրութեան, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթանալու գրաշարութեան, էջադրումի աշխատանքներուն եւ ծրագիրի աւարտին ունենալու իրենց յատուկ հրատարակութիւնը:

– 31 օգոստոսին Արշօ Պալեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց խմբագրատան մէջ կատարուող զանազան աշխատանքները: Ան անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի տասը էջերուն դիմագիծին, բովանդակութեան եւ պատրաստութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»-ի պաշտօնական կայքին, բջիջայինի յատուկ «Էփ»-ին, արագ լուրերու «Փուշ նոթիֆիքէյշըն»-ի դրութեան եւ «Ազդակ»-ի արխիւները թուայնացնելու աշխատանքին:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ օրաթերթին կողքին ամսական դրութեամբ լոյս տեսնող «Պզտիկ – Մզտիկ» մանկապատանեկան յաւելուածին, Նոր տարուան եւ Ապրիլ 24-ին հրատարակուող երկու բացառիկ թիւերուն, ինչպէս նաեւ տարբեր առիթներով հրատարակուող յաւելուածներուն:

Աշակերտները այցելեցին «Ազդակ»-ի թուայնացումի եւ ուսումնասիրութեան «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնը, թերթին արխիւը եւ «Ազդակ»-ի տպարանը, ուր ծանօթացան տպարանի աշխատանքներուն:

– 7 սեպտեմբերին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան նախկին պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ հանդիպումին անդրադարձաւ Եւրոպական Միութեան, Եւրոպական խորհրդարանին, Եւրոպական յանձնաժողովին եւ Եւրոպական խորհուրդին կառուցուածքին ու աշխատանքի հոլովոյթին, հայութեան վերաբերող հարցերով անոնց գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ անոնց գործակցութեան:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայ դատի յանձնախումբին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` ազրպէյճանական եւ թրքական լոպիինկին դիմաց, նկատի ունենալով իրականութիւններ խեղաթիւրելու անոնց գործելաոճը: Պ. Տեմիրճեան անդրադարձաւ նաեւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) կառոյցին ու գործունէութեան` յստակօրէն բացատրելով Եւրոպական Միութենէն տարբեր ըլլալու իրականութիւնը:

– 14 սեպտեմբերին «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան հանդիպեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ` անոնց ներկայացնելով ամբողջական տեղեկութիւններ լուրերու տեսակներուն, լուրերու կարեւորութեան, օգտագործուած աղբիւրներուն, ապատեղեկատուութեան ծուղակներուն, էջադրումի դասական ձեւին եւ արտակարգ իրադարձութիւններ ընդգրկող օրերու ընթացքին խմբագրութեան որդեգրած քայլերուն մասին` էջադրումի իմաստով:

Այս մասին Ժ. Յակոբեան յաւելեալ բացատրութիւններ եւ  «Ազդակ»-ի զանազան թիւերու ընդմէջէն շօշափելի օրինակներ ցոյց տուաւ վարժողական ծրագիրի հետեւող աշակերտներուն եւ ուսանողներուն:

– Ուրբաթ, 22 սեպտեմբեր 2017-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ընդունեց «Ապագայ լրագրողներ»-ը, որոնց ներկայացուց դեսպանատան աշխատանքներն ու տարբեր բաժանմունքները: Ան անդրադարձաւ Լիբանան-Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումին, երկկողմանի յարաբերութիւններու ծաւալումին, ինչպէս նաեւ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով ներկայիս ի գործ դրուող ջանքերուն:

Լիբանանահայ գաղութին մասին խօսելով` դեսպան Մկրտչեան յայտնեց, որ անիկա բացառիկ լաւ կազմակերպուած եւ աշխուժ գաղութ է իր տարբեր միութիւններով` մշակութային, բարեսիրական, մարմնակրթական եւ այլ կառոյցներով:

Ս. Մկրտչեան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Հայաստանի քաղաքական համակարգն ու անոր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ տնտեսական մարզին մէջ որդեգրուած նոր քայլերուն, որոնք կը քաջալերեն գործարարները իրենց գործը հաստատելու Հայաստանի մէջ եւ նպաստելու երկրին տնտեսութեան զարգացումին: Ան ակնարկեց նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու քաղաքապետներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն` Հայաստանի հետ քոյր քաղաքներու յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակով:

Նաեւ` դեսպան Մկրտչեանին հրաւէրով, «Ապագայ լրագրողներ»-ու խումբը 23 սեպտեմբեր 2017-ին մասնակցեցաւ «Քեմփինսքի Սամըրլենտ» պանդոկին մէջ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 26-ամեակին առիթով կազմակերպուած ընդունելութեան` փոխանցելով իր շնորհաւորութիւնները:

– 6 հոկտեմբերի հանդիպումին Արշօ Պալեան ներկայացուց լուր գրելու թեքնիքները, լուրի կառոյցին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ առարկայական ու ենթակայական մօտեցումներուն տարբերութիւնները:

– 13 հոկտեմբերին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն մատուցեց շահեկան դասախօսութիւն մը: Համաշխարհայնացման ու բոլորին, յատկապէս երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն կեանքին մէջ անոր ազդեցութեան մասին լայն տեղեկութիւններ եւ ճշմարտութիւններ յայտնելէ ետք, վեր. դոկտ. Հայտոսթեան կեդրոնացաւ համաշխարհայնացման եւ հայկական կրթակարգի հիմնախնդիրներուն վրայ:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած այս դասախօսութեան ընթացքին վեր. Հայտոսթեան պատմեց, թէ մամուլին հետ իր կապը ինչպէ՛ս սկսած է եւ ապագային ինչպէ՛ս զարգացած: Վեր. Հայտոսթեան նշեց, որ թէեւ համաշխարհայնացումը սահմանները փլուզած է եւ ստեղծած մեծ դիւրութիւններ, ճկունութիւն ու առատութիւն` տնտեսական մարզին պարագային, տեղեկութիւններու եւ հաղորդակցութեան իմաստով, բայց եւ այնպէս ան ընդգծեց, թէ տեղեկութիւններու առատութեան պարագային ապատեղեկատուութիւնը առաւել եւս կը շեշտուի եւ անոր լարած ծուղակներն ու գործած աւերները կը բազմանան:

Վեր. Հայտոսթեան խրախուսեց «Ապագայ լրագրողներ»-ը` յատուկ խնամքով մօտենալու լեզուի ճշգրտութեան եւ մտքի յստակութեան, պարզութեան ու պայծառութեան:

– 20 հոկտեմբերին ՀՅԴ Լիբանանի տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Վիգէն Աւագեան ներկայացուց լրագրութեան տարբեր ժանրերը եւ անոնց ընդմէջէն շեշտը դրաւ տիպար լրագրողի յատկանիշներուն վրայ: Ան շեշտեց, որ լրագրութեան մարզին մէջ գործելու համար պէտք է հետամուտ ըլլալ լուրերուն, ունենալ հետաքրքրութիւն եւ որոնել իրականութիւններ, տեղեկութիւններ ու տուեալներ:

Վիգէն Աւագեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց լրատուութեան, հարցազրոյցի, թղթածրարի եւ յօդուածագրութեան տեսակները, ինչպէս նաեւ բացատրեց խմբագիրին պարտականութիւնները` ընդգծելով արխիւ պահելու անհրաժեշտութիւնը: Ան անդրադարձաւ նաեւ մամուլի, ձայնասփիւռի, պատկերասփիւռի եւ ընկերային ցանցերու լրագրութեան տարբերութիւններուն:

– 27 հոկտեմբերին «Ապագայ լրագրողներ»-ը կատարեցին լուրերու պատրաստութեան իրենց առաջին գործնական փորձը: Մէկ ժամուան տեւողութեամբ մասնակիցները տարբեր բնոյթի` ընկերային, քաղաքական, մարզական թէ մշակութային լուրեր պատրաստեցին` աղբիւր ունենալով հայկական լրատուական կայքերը:

– 3 նոյեմբերին «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ հանդիպում ունեցաւ ուսուցիչ, հրապարակախօս եւ հրապարակագիր Կարօ Յովհաննէսեան, որ բացատրեց յօդուածագրութեան կանոնները` անդրադառնալէ ետք յօդուածներուն տարբեր տեսակներուն: Ան նշեց, որ յօդուածի մը ընդհանուր կառոյցը եւ յատկանիշները պէտք է ամբողջացնեն յօդուած մը:

Կ. Յովհաննէսեան բացատրեց, որ յօդուածը պէտք է անպայման նպատակ հետապնդէ, յստակ ուղղուածութիւն պարփակէ, ունենայ գրաւիչ խորագիր: Ան հաստատեց նաեւ կարճ ու յստակ նախադասութիւններով յօդուածներ գրելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անիկա դիւրաւ կարդացուի մարդոց կողմէ եւ ըլլայ նպատակաուղղուած:

Այս առիթով Կ. Յովհաննէսեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն յանձնեց յօդուածներու օրինակներ:

– 10 նոյեմբերին «Ապագայ լրագրողներ»-ը հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեանի հետ: Ան ներկայացուց Արցախի վերջին իրադարձութիւնները` նշելով, որ արտաքին առումով Արցախ միշտ յաջողած է պահպանել միացեալ եւ համախոհական կեցուածք, թէ՛ Արցախի եւ արցախցիին անվտանգութեան, թէ՛ Արցախի միջազգային ճանաչումին նկատմամբ:

Ապա ան լայնօրէն անդրադարձաւ Արցախի պաշտպանութեան համակարգին եւ  ընդհանուր արժեւորում մը կատարեց զինուորական ու ռազմավարական փոփոխութիւններուն, որդեգրուած մարտավարութիւններուն, Արցախի բանակը նոր զինատեսակներով օժտելու յառաջընթացին եւ այլն: Ան խօսեցաւ նաեւ արձանագրուած տնտեսական զարգացումներուն մասին, հիմնականին մէջ կեդրոնանալով գիւղատնտեսութեան վրայ` իբրեւ տնտեսութեան յենասիւնը, եւ անոր կողքին վերջին տասը տարիներուն ընթացքին ծաւալած ելեկտրականութեան արտադրութեան եւ հանքերու արդիւնաբերութեան վրայ:

Այս շրջագիծին մէջ Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ի աշխատանքներուն` բարձր գնահատելով լիբանանահայութեան եւ «Արցախ Ֆոնտ»-ի դերակատարութիւնը վերաբնակեցման ծրագիրներուն առումով:  Ապա տեղի ունեցաւ զրոյց, որուն շրջագիծին մէջ Դ. Իշխանեան պատասխանեց «Ապագայ լրագրող»-ներու հարցումներուն` շեշտելով, որ Արցախի եւ լիբանանահայութեան միջեւ կարելի է շատ աւելի մեծ ծրագիրներ մշակել ու գործադրել, յատկապէս պատանեկան եւ երիտասարդական մակարդակներու վրայ: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն իսկական դերակատարութիւն ունի Արցախի մէջ եւ այդ դերակատարութեան շնորհիւ կրցած է վաստկիլ Արցախի իշխանութիւններուն վստահութիւնը:

– 17 նոյեմբերին «Ապագայ լրագրողներ»-ը հանդիպում ունեցան «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեանի հետ, որ ներկայացուց թղթակցութիւն մը պատրաստելու կանոնները: Ան նշեց, որ թղթակցութիւնը պէտք է ըլլայ տուեալ ձեռնարկի մը հայելին` աւելցնելով, որ պէտք է պահել հարազատ մթնոլորտը եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ ներկայացնել որեւէ ձեռնարկի կամ հանդիսութեան մասին:

Ն. Բարսեղեան անդրադարձաւ նաեւ թղթակիցի յատկանիշներուն, որոնց մէջ ան շեշտեց թղթակիցին ճշդապահ, հագուածքով պատշաճ, կազմակերպուած եւ պատրաստ երթալու կարեւորութիւնը: «Թղթակիցը կը ներկայացնէ ո՛չ միայն ինքզինք, այլ նաեւ այն թերթը, որուն անձնակազմին մաս կը կազմէ: Հետեւաբար ամէն իմաստով պէտք է բծախնդիր աշխատանք կատարել թղթակցութեան առաքելութեան ընթացքին», ըսաւ ան:

Նորա Բարսեղեան թղթակցութեան տարբեր օրինակներ ապահովելով փորձեց հարստացնել հանդիպումը «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ, որոնք իրենց կարգին կարդացին թղթակցութեան տարբեր օրինակներ եւ շօշափելի կերպով ծանօթացան անոնց մանրամասնութիւններուն:

Հանդիպումը ունեցաւ նաեւ աշխատանքային բնոյթ` նկատի ունենալով, որ հանդիպումին աւարտին «Ապագայ լրագրողներ»-ը կատարեցին թղթակցութիւն գրելու փորձ մը:

– 20 նոյեմբեր 2017-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ հանդիպման հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Ներկայացման առաջին բաժինով Կիրօ Մանոյեան ծրագիրին հետեւող «Ապագայ լրագրողներ»-ուն բացատրեց լրագրութեան ձեւերը` անդրադառնալով լրագրութեան, թղթակցութեան եւ խմբագրութեան տարբերութիւններուն, ընդգծելով յատկապէս հայկական իրականութեան մէջ` սփիւռքի հայերէնով արտայայտուող թերթերու դժուարութիւնները եւ մարդուժ պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը: Ներկայացման երկրորդ բաժինով ան անդրադարձաւ Հայ դատի յանձնախումբերու կառոյցին, «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու, գրասենեակներու գործելաձեւը, ներկայի մարտահրաւէրները եւ աշխատանքային ոճը: Ան Հայ դատի  աշխատանքներու ազդեցութեան կարեւորութիւնը շեշտելով պատմական ներկայացում մը կատարեց գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու հիմնադրութեան օրերուն մասին` Միացեալ Նահանգներէն (1940-ական թուականներ) մինչեւ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակ եւ այլ երկիրներու մէջ գործունէութիւն: Ան Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքային օրինակներ ներկայացուց «Ապագայ լրագրողներ»-ուն:

– Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին հետեւող «Ապագայ լրագրողներ»-ը 1 դեկտեմբերին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ շարունակեցին թղթակցութիւն գրելու իրենց փորձերը: «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեան դարձեալ հանդիպեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն եւ լսեց նախորդ հանդիպումին ընթացքին անոնց ստանձնած թղթակցութիւնները: Ն. Բարսեղեան կատարեց որոշ սրբագրութիւններ` ընդհանուր առմամբ դրական գնահատելով անոնց ողջունելի աշխատանքը:

«Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ այս  հանդիպումի աւարտին իսկական թղթակցութեան մը երթալու փափաք յայտնուեցաւ, եւ պատասխանատու խմբագիրը խոստացաւ շուտով ընդառաջել այդ փափաքին:

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի աշխատանքներ

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Փոքրիկ
Լրագրողներ» Աշխատանոց

«Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին նախաձեռնութեամբ, «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի 15-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ «Փոքրիկ լրագրողներու աշխատանոց»-ը կիրակի, 30 ապրիլ 2017-ին,  առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00, «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

Հայկական 17 վարժարաններէ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, Ազգային Աբգարեան վարժարան, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարան, ՀԲԸՄ-ի Պ. Կարմիրեան վարժարան եւ Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, հաւաքուած էին 100 աշակերտներ, որոնք բաժնուեցան 16 խումբերու. իւրաքանչիւր խումբ ունէր 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարանէն աշակերտներ:

Նախ փոքրիկներուն բացատրուեցաւ աշխատանոցին առիթն ու նպատակը: Սրբուկ Ճենանեան մասնակիցներուն ըսաւ, թէ աշխատանոցին նպատակն է լրագրական աշխատանքները ծանօթացնել մանկահասակ սերունդին, եւ թէ ի՛նչ փուլերէ անցնելով է, որ թերթ մը լոյս կը տեսնէ. ապա մանրամասնութիւններ ներկայացուց իրենց կատարելիք աշխատանքներուն մասին` նշելով, թէ իւրաքանչիւր խումբ իր տրամադրութեան տակ ունի նիւթ մը, որ պիտի կարդայ ու վերարտադրէ խումբին հասկցած ու մեկնաբանած ձեւով: Թելադրուած նիւթերը կ՛ընդգրկէին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին առիթով Արցախի ու արցախցի նշանաւոր դէմքերու մասին տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ հայ նշանաւոր անձերու մասին գրութիւններ, առաւել առողջապահութեան, արհեստագիտութեան ու գիտական նորութիւններու մասին նիւթեր:

Մայիսին լոյս տեսաւ «Պզտիկ-մզտիկ»-ի յատուկ թիւ մը, որուն մէջ տեղ գտան այս աշխատանոցային քննարկումները եւ անոնցմէ բխած յօդուածները, գծագրական պատմութիւնները, դէպքերու եւ դէմքերու մասին գրի առնուած գրութիւնները: Թիւը ամբողջութեամբ նախագծուած եւ իրականացած էր փոքրիկ լրագրողներուն կողմէ:

Այս ծիրին մէջ 16 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Փոքրիկ լրագրողներ» աշխատանոցի մասնակիցներուն ի պատիւ գնահատանքի երեկոյ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Սրբուկ Ճենանեան, որ անդրադարձաւ «Փոքրիկ լրագրողներ» աշխատանոցին, որուն նպատակն էր փոքրիկները ծանօթացնել մամուլի հրատարակութեան եւ խմբագրական աշխատանքներուն: Սրբուկ Ճենանեան դիտել տուաւ, որ այս առաջին փորձառութեան արձանագրած յաջողութիւնը անակնկալ էր բոլորին համար, մանաւանդ որ փոքրիկները ստեղծագործած էին երեւակայելով եւ իրենց երեւակայութիւնը գիր ու գիծով մարմնաւորելով` շեշտելով, որ միօրեայ հաւաքական աշխատանքին հպարտալից արդիւնքն էր «Պզտիկ-մզտիկ»-ի մայիսի բացառիկ թիւը:

Ապա խօսք առաւ «Պզտիկ-մզտիկ»-ի մայիսի թիւի հովանաւոր` ԱՖՀԻԼ հաստատութեան տնօրէն Յակոբ Լատոյեան, որ ըսաւ, թէ  նման նախաձեռնութիւն մը կարեւոր եւ գնահատելի է. ան համահաւասար շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչներուն, որոնք նման աշխատանքով իրենց ծառայութիւնը մատուցած կ’ըլլան գաղութին մէջ մարդուժի պատրաստութեան գործին` պատրաստելով լրագրողներ, խմբագիրներ, ինչպէս նաեւ նոր սերունդին մէջ հայ գիրին եւ ընթերցանութեան նկատմամբ սէր սերմանելով:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ «Պզտիկ-մզտիկ» իր ընթացիկ աշխատանքներուն զուգահեռ կը կազմակերպէ տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւններ, իսկ ներկայիս` «Փոքրիկ լրագրողներ»-ու աշխատանոց, որուն ընթացքին աշակերտները առիթ ունեցան թափ տալու իրենց երեւակայութեան, ամբողջ օրուան մը տեւողութեան լրագրողի ու խմբագիրի աշխատանք կատարելու, մասնակիցները թերթին խոհանոցային առօրեային ծանօթացնելու:

Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ այս աշխատանոցը ո՛չ միայն «Պզտիկ-մզտիկ»-ի արձանագրած յաջողութիւնն է, այլ նաեւ «Ազդակ»-ի իրագործումներէն մէկը կը նկատուի, ինչ որ նաեւ պարտաւորեցնող է` զայն աւանդութեան վերածելու առումով, որովհետեւ այս նախաձեռնութեան շուրջ համախմբուած են վաղուան լրագրողները:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցներու տնօրէններուն` անոնց ընդառաջումին համար, ուսուցիչներուն` գործակցութեան, ծնողներուն` հոգատարութեան, փոքրիկներուն` խանդավառութեան, իսկ հովանաւորին` հաւատքին ու նեցուկին համար:

Ապա վկայագիրներ յանձնուեցան 92 փոքրիկ լրագրողներուն:

Բոլոր Հայկական Վարժարաններուն Մասնակցութեամբ
«Անսխալ Գրենք» Մրցում

26 նոյեմբեր 2017-ին «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած «Անսխալ գրենք» մրցումը:

Նախակրթարանի վերջին երեք կարգերու աշակերտները, թիւով աւելի քան 250 հոգի, եկած հայկական բոլոր վարժարաններէն` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Խաչ-Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային միացեալ վարժարան, ՀԲԸՄ-ի Պ. Կարմիրեան վարժարան եւ Համազգային Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, մասնակցեցան մրցումին:

90-Ամեակ

«Ազդակ»-ի 90-ամեակի յոբելենական
յանձնախումբ

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով ստեղծուեցաւ յոբելենական յանձնախումբ, որ կը բաղկանայ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչէն, «Ազդակ»-ի նախկին եւ ներկայ տնօրէններէն, գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը վարած խմբագիրներէն եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Մամլոյ դիւանի պատասխանատուէն:

«Ազդակ»-ի 90-ամեակի յոբելենական յանձնախումբի անդամներն են Երուանդ Փամպուքեան (պատուոյ նախագահ), Յակոբ Բագրատունի (նախագահ), Վարանդ Փափազեան, Սարգիս Մահսէրէճեան, Նազարէթ Պէրպէրեան,  Սիւզան Խարտալեան, Արտաշէս Շահբազեան եւ Շահան Գանտահարեան:

Յառաջացաւ նաեւ խմբագրական խորհուրդ մը, որուն մաս կազմեցին Շահան Գանտահարեան, Ժաք Յակոբեան, Նորա Բարսեղեան, Արշօ Պալեան եւ Տօնիկ Տօնապետեան:

«Ազդակ»-ի անդրանիկ թիւի
վերահրատարակութիւն

«Ազդակ»-ի 90-ամեակի հրատարակութիւններու ծիրին մէջ 5 մարտ 2017-ին հրատարակուեցաւ եւ օրաթերթին հետ մեր ընթերցողներուն բաժնուեցաւ թերթին առաջին թիւին` 5 մարտ 1927-ի օրինակը:

«Ազդակ»-ի 90-ամեակի Բացառիկ

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով լոյս տեսաւ աւելի քան 400 էջ հաշուող յոբելենական բացառիկ մը, որ կը պարունակէ ուղերձներ, յուշագրութիւններ, վերլուծումներ, արխիւային լուսանկարներ, «Ազդակ»-ի դպրոցէն անցած խմբագիրներու եւ աշխատակիցներու անուանացանկեր: Ողջոյնի խօսքերով բովանդակութիւնը հարստացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահը, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Գրիգոր Պետրոս Ի. հոգեւոր պետը, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, ՀՅԴ Բիւրոն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբերը, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախի Հանրապետութենէն ու սփիւռքէն մտաւորականներ եւ ամէնէն կարեւոր թերթերու խմբագիրները: Յուշագրութիւններով, հարցազրոյցներով թէ յատուկ այս թիւին համար գրուած յօդուածներով «Ազդակ»-ի պատմութեան գրի առնուելուն համար կարեւոր ներդրում ունեցած են նախկին տնօրէններ, գլխաւոր խմբագիրներ, «Ազդակ»-ի աշխատակիցներ եւ մամլոյ գործիչներ:

Հայաստանի Ազգային Գրադարան-«Ազդակ»
Համագործակցութիւնը` 90-ամեակի Ծիրին Մէջ

 «Ազդակ»-ի 90-ամեակի ծրագիրներու ընդհանուր ծիրին մէջ  Հայաստանի Ազգային գրադարանի եւ «Ազդակ»-ի համագործակցութիւնը կը շարունակուի` հայ մամուլի թուայնացման ծաւալային աշխատանքներ իրականացնելու ուղղութեամբ:

10 փետրուարին «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան տեսակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Աղասի Ազիզեան, որ իր նպաստը կը բերէ յատկապէս դաշնակցական մամուլի նկարահանուած թիւերը «Ազդակ»-ին հասցնելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ` Ազգային գրադարանի փոխտնօրէն Հայկանուշ Ղազարեան:

Այս համագործակցութիւնը հետզհետէ կը զարգանայ այն առումով, որ մամուլի եւ ընդհանրապէս հնատիպ հրատարակութիւններու հսկայական շտեմարան ունեցող Հայաստանի Ազգային գրադարանի նկարահանման եւ թուայնացման բաժանմունքը լիաժամ եւ արհեստավարժ աշխատանք կը կատարէ տպագիր ծաւալուն արխիւները թուայնացնելու եւ «Ազդակ»-ի հետ համագործակութեամբ այդ բոլորը նաեւ որակաւոր որոնման համակարգով օժտելու իմաստով:

Այս հանդիպումին ընթացքին Շահան Գանտահարեան Տիգրան Զարգարեանին յանձնեց «Ազդակ»-ի յարկին տակ թուայնացուած «Գոյամարտ»-ի «տի. վի. տի.»-ներուն օրինակները:

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով հանդիպում`
Երեւանի Պետական համալսարանի ուսանողներուն հետ

«Ազդակ» օրաթերթի համարները համալսարանականների սեղանին են, ամպիոնի մօտ` նախկին ու ներկայիս խմբագիրները:

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին նախօրեակին` փետրուարին, պատմաբան, հայագէտ, օրաթերթի նախկին տնօրէն Երուանդ Փամպուքեանն ու թերթի այժմու տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի ուսանողներուն ներկայացուցին թերթին առնչուած կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքները:

Երուանդ Փամպուքեան յիշեց Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ հայոց պատմութիւն ուսանած տարիները: «Կեանքի բերումով այնպէս եղաւ, որ ուսուցիչէն դարձայ խմբագիր, ինչպէս մեր Սիմոն Վրացեանը` վարչապետէն դարձաւ վարժապետ»:

«Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, խօսելով օրաթերթի ծագումին, անցած ուղիին եւ այն մարտահրաւէրներուն մասին, որոնք ցայսօր ծառացած են տպագիր մամուլին առջեւ, նշեց, որ նման պայմաններու մէջ իսկ «Ազդակ» շարունակած է, կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ հայապահպան իր գործունէութիւնը: Գանտահարեան հաստատեց, որ օրաթերթը հայապահպան լուրջ առաքելութիւն ունի:

Այնուհետեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման ծրագիրին, որուն ծիրին մէջ տեղի կ’ունենայ սփիւռքի լրագրողներու, մանկավարժներու վերապատրաստում` Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին եւ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին ջանքերով: Այս քայլը «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիրը ողջունելի նկատեց եւ աւելցուց, որ ատիկա կ’օգնէ նաեւ Հայաստանէն Լիբանան եկող լրագրողներուն, մասնագէտներուն մասնակցութեամբ արդէն Լիբանանի մէջ կազմակերպելու փորձի փոխանակման նմանատիպ ծրագիր-դասընթացք:

«Ազդակ»-ի 90-ամեակի Նշում Եւ Քննարկում` Մասնակցութեամբ
Արցախի Տեղեկատուական Հարցերու Պատասխանատուներուն Հետ

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով 9 յունիս 2017-ին «Ապառաժ»-ի նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Արցախի Հանրապետութեան պետական օղակներու տեղեկատուութեան եւ մամուլի պատասխանատուներ, Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, փորձառու լրագրողներ:

Շահան Գանտահարեան ներկայացուցած է օրաթերթի 90-ամեակին առիթով կատարուած աշխատանքները` յատկապէս կարեւոր նկատելով արխիւի թուայնացումը:

Արցախի լրատուական դաշտի ներկայացուցիչները` շնորհաւորելով «Ազդակ»-ի յոբելեանը, քննարկեցին Արցախի լրատուամիջոցներուն հետ համագործակցութիւնը խորացնելու, փորձի փոխանակման, փոխադարձ այցելութիւններու կարելիութիւնները եւ այլ հարցեր:

Հանդիպումին կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ  բանբեր Դաւիթ Բաբայեան, Արցախի վարչապետի մամլոյ քարտուղար Արտակ Բեգլարեան, Լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան, «Ազատ Արցախ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Լէոնիտ Մարտիրոսեան, «Արցախփրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Վահրամ Պօղոսեան եւ լրագրող Միքայէլ Հաջեան:

Ափոլլոյին (Սարգիս Տուտագլեան) Արձանը
Կանգնեցաւ Պուրճ Համուտի Մէջ

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացաւ կեդրոնէն դէպի մայր պողոտայ նայող անկիւնին վրայ կանգնեցնել «Ազդակ»-ի ցրուիչներէն Սարգիս Տուտագլեանի (ճանչցուած` Ափոլլօ) արձանը: Ափոլլոն բառացիօրէն մինչեւ իր մահը, յառաջացած տարիքին, շարունակեց ցրուել «Ազդակ»-ը` Մար Մըխայէլի իր հաւատարիմ բաժանորդներուն:

Մամուլի այս գործիչներու, աշխատակիցներու խաւը, լուսարձակներէ հեռու, առաւօտեան կանուխ ժամերէն, ամէ՛ն օր, տարուան բոլոր եղանակներուն թերթը հասցուցած են հայ ընտանիքին, նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն վտանգաւոր օրերուն:

Ափոլլոյի կերպարի անմահացման ճամբով ըստ էութեան մամուլի անխոնջ գործիչներու այդ խաւն է, որ կ՛արժեւորուի:

Արձանի տեղադրման շինարարական աշխատանքները ստանձնած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը: Քանդակագործն է գաղութին մէջ կերպարուեստի մարզին մէջ անուն վաստկած Վարդան Աւէսեան, որուն նախագիծը հարազատագոյն ձեւով կը ներկայացնէ Ափոլլոյի կերպարը:

Այս առիթով մեր յօդուածագիրներէն Յակոբ Լատոյեանի ստորագրած գրութեան մէջ կը կարդանք. «Այս քայլը կրկնակի իմաստ ունի: Դաշնակցական համեստ գործիչը անմահացնելու եւ անոր ընդմէջէն դաշնակցական եւ Դաշնակցութեան համակիր հազարաւոր հայորդիներու գործը գնահատելու եւ վեր պահելու փորձ է:

«Մեզի համար իւրաքանչիւր համեստ եւ ազնիւ հայու ներդրումը, աշխատանքը եւ զոհողութիւնը գնահատելի է, եւ մենք երախտագէտ ենք կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքներուն համար:

«Երկրորդ, «Ազդակ»-ի 90-ամեակը գաղութին մէջ անմահացնելն է արձանով մը, որովհետեւ «Ազդակ»-ը դաշնակցական գաղափարախօսութեան եւ մարդուժ պատրաստող դպրոց եղած է ու է տակաւին: Փաստօրէն ամէնէն կարեւոր մարմիններէն մինչեւ ամէնէն համեստ յանձնախումբերուն մէջ սփիւռքի եւ Հայաստանի տարածքին տղաք կան, որոնք պատասխանատու պաշտօններու վրայ են, եւ բոլորն ալ «Ազդակ»-ի խմբագրատունէն անցած են: Բոլորն ալ «Ազդակ»-ի մութ ու լոյս տարիներուն իրենց կեանքը վտանգած են, սորված եւ սորվեցուցած են:

«Այսօր այս արձանը այս իմաստով կրկնակի իմաստ ունի»:

Ցեղասպանութեան 50-ամեակի
Կրծքանշանը` «Ազդակ»-ին

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով, բժիշկ Յարութիւն Նագուլեան «Ազդակ»-ին նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ պատրաստուած լոկօ-կրծքանշանը, զոր կը կրէին ժողովրդային ցոյցերուն կազմակերպիչները: Թանգարանային իրի նշանակութիւն ունեցող այս խորհրդանիշը գործն է հայրենի գեղանկարիչ Ռուբէն Յովնաթանեանի:

Այլ Աշխատանքներ

Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր
Դաւիթ Բաբայեանի հանդիպումը լիբանանահայ կուսակցական եւ
միութենական պաշտօնաթերթերու գլխաւոր խմբագիրներու հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան 13 ապրիլին «Ազդակ»-ի «Չաղլասեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ կուսակցական եւ միութենական պաշտօնաթերթերու գլխաւոր խմբագիրներու հետ:

Հանդիպումին նպատակին անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ դիտել տուաւ, թէ Արցախի նախագահական բանբերին ներկայութիւնը կարեւոր առիթ է արցախեան իրադարձութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն դերակատարութեան քննարկումը կատարելու եւ անդրադառնալու այն ուղղութիւններուն, զորս անհրաժեշտ է որդեգրել:

Դաւիթ Բաբայեանի հետ զրոյցին ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան Արցախը յուզող տարբեր հարցեր, արտաքին ու ներքին ճակատի վրայ տեղի ունեցած եւ ունեցող իրադարձութիւններ, անոնց դրական ու ժխտական անդրադարձը արցախեան տագնապին վրայ, ինչպէս նաեւ յատուկ կերպով շեշտը դրուեցաւ լրատուամիջոցներուն դերակատարութեան վրայ, որ շատ կարեւոր է եւ որ կրնայ ըլլալ շատ օգտաշատ կամ բոլորովին վնասակար:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբերը հաստատեց, որ սփիւռքի հայութիւնը եւս շատ կարեւոր է Արցախի համար, իսկ լրատուամիջոցները ունին առանցքային դերակատարութիւն: Անոր համաձայն, յատկապէս ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին եւ անոր յաջորդող փուլին շատ զգալի էր սփիւռքահայութեան  եւ մամուլին ներկայութիւնը Արցախի կողքին:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ արցախեան տագնապի լուծման վերաբերող բանակցութիւններուն պարզած պատկերին, ապագայի հեռանկարներուն, ներկայիս սահմանին վրայ տիրող կացութեան եւ միջազգային մակարդակի վրայ պահուող լռութեան, որ կրնայ յուշել, թէ մօտիկ ապագային յատկանշական զարգացումներ ակնկալելի չեն:

 Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Անփոխարինելի Կը Նկատէ
Լիբանանահայ Լրատուամիջոցներուն Դերակատարութիւնը

14 յուլիս 2017-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ:

«Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան ողջունեց ներկաներն ու նախարարը:

Ապա նախարար Յակոբեան անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ նախորդող օրերուն Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցած «Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց. Սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը» խորագիրով համախմբումին: Ան դիտել տուաւ, որ յատուկ կերպով պէտք է ուշադրութիւն դարձնել երիտասարդներուն, ելեկտրոնային տարբեր միջոցներով միշտ փորձել անոնց հետ կապ պահել  միշտ ներկայացնելով հայկական իրականութեան մէջ պայծառ ու հպարտութիւն առթող դէմքերն ու դէպքերը, մղել զանոնք, որ հպարտ զգան իրենց հայկական ինքնութեամբ: Նախարարը կարեւոր նկատեց նաեւ Արցախի նիւթը մնայուն լուսարձակի տակ պահելը, ազատագրուած հողի պահպանման համար պայքարին վրայ շեշտը դնելը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալը Հայաստանի մէջ կատարուող բարեփոխումներուն, յատկապէս տնտեսական նոր քաղաքականութեան, որուն ճամբով առեւտրականներն ու գործարարները աւելի ընդարձակ կարելիութիւններ պիտի ունենան: Հրանուշ Յակոբեան շեշտեց, որ լրատուամիջոցները պէտք է գործեն այնպէս, որ հայաստանեան քիչ մը բարդ թուացող օրէնքները աւելի պարզ ու մատչելի ոճով ներկայացուին գործարարներուն, որպէսզի անոնք գիտակցին, թէ հայրենիքի մէջ աշխատանքի նախաձեռնելու ի՛նչ կարելիութիւններ կան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով լրատուամիջոցներուն` սփիւռքի նախարարութեան բազմաբնոյթ ու բազմաճիւղ աշխատանքներուն մասին հանրային կարծիքը տեղեակ պահելնուն համար` ան կարեւոր նկատեց ասիկա, որովհետեւ, ըստ նախարարին, լրատուամիջոցները նախարարութեան նեցուկը, զէնքը, դեսպաններն ու ներկայացուցիչներն են, որոնց ճամբով նախարարութիւնը իրազեկ կ’ըլլայ սփիւռքի պահանջներուն ու ակնկալութիւններուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութիւնը կը ծանօթանայ նախարարութեան գործունէութեան:

Իր խօսքի վերջին բաժինով, սփիւռքի նախարարը խօսեցաւ Համահայկական 6-րդ համաժողովին մասին, որուն շուրջ նախատեսուած է համախմբել 1500-1600 հայեր, ինչ որ ցոյց կու տայ հայութեան հզօրութիւնը, միասնականութիւնը, նման նախաձեռնութիւն նաեւ ուժի ցուցադրութեան առիթ է` յաչս թշնամիին, ինչպէս նաեւ առիթ է տարբեր կողմերու միջեւ կապերու հաստատման, համագործակցութեան նոր հորիզոններու ստեղծման: Նախարարը խօսեցաւ համաժողովին ընթացքին տեղի ունենալիք ժողովներուն, կլոր սեղաններուն, մշակութային նախաձեռնութիւններուն եւ տրուելիք այցելութիւններուն մասին` մաղթելով, որ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները  մասնակցին նման կարեւոր համաժողովի:

Գրիգոր Ակոբեանի Նուէրը
«Ազդակ»-ին

«Ազդակ»-ի գեղանկարներու հաւաքածոն հարստացաւ լիբանանահայ քանատաբնակ անուանի գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի մէկ տպաւորիչ գործով: Ակոբեանի բարձրորակ արուեստին տարբեր առիթներով անդրադարձած է «Ազդակ»:

«Ազդակ»-ի սեփականութիւնը դարձած գեղանկարը կը կրէ «Աստուածներու պտուղներ» (ֆրիւ տէ տիէօ) խորագիրը:

«Ազդակ» արդէն 90-ամեակը թեւակոխեց, սակայն 9 տասնեակ տարիները չեն ծերացուցած եւ չեն ալ կրնար ծերացնել թերթը, որ ամէնօրեայ թարմացման ուղիով կ’ընթանայ, եռացող հեւքով կը զօրանայ, 90 տարուան փորձառութեամբ եւ պատմութեամբ կը հզօրանայ` առանց ունենալու այն յաւակնութիւնը, որ արդէն գոհ է իր կարգավիճակէն կամ իրեն համար յաւելեալ զարգացման, բարելաւման ու բարգաւաճման գագաթներ չկան ալ: 90 տարուան անխափան գործունէութիւնը այսօր յաւելեալ պարտք կը դնէ «Ազդակ»-ի ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի ուսերուն` կարելի եղածին չափ կատարելագոյնս ամբողջացնելու իրեն վստահուած գործը, անտեսելով ամէն դժուարութիւն ու քննադատութիւն մնալու դրական ու գործօն, որպէսզի բոլորս միասին, նաեւ` մեր հաւատարիմ ընթերցողներուն հետ, կարենանք շարունակել երթը եւ յառաջիկայ սերունդներուն յանձնել այս աւանդը` միշտ փորձելով արժանի յաջորդը ըլլալ «Ազդակ»-ի տան մէջ ապրած ու գործած իւրաքանչիւր նուիրեալի:

(Շար. 2 եւ վերջ)

 

2018 Արժէքներու Հայկականացման Տարի (Ո՛չ Սրընթաց Արժեզրկումին)

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Բնական երեւոյթ է, որ կեանքի թաւալումին հետ յաճախ խօսուի «ժամանակները փոխուած են» հռետորաբանութեամբ:

Մարդկային պատմութեան ընթացքը ինքնին կը փաստէ այս փոփոխութիւնը, որ ըստ էութեան, հինի ու նորի բախումով կ՛առաջնորդէ յառաջդիմութեան, գաղափարներու զարգացումի ու արժէքային նոր համակարգերու ստեղծման:

Ներկայ աշխարհակարգին մէջ աւելի քան երբեք այսօր զարգացած է անհատակեդրոն, ապաքաղաքականացած եւ համաշխարհային մարդու տիպարը, որուն համար առօրեան կը սահմանափակուի անմիջական ի՛ր շրջապատով, ի՛ր նիւթական կացութեան բարելաւման հրամայականով, ի՛ր սեփական շահի առաջնահերթութեամբ, առաջնորդուելու համար ինքնանպատակ կեանքին ու ինքնարժեւորումով հեղինակութիւն դառնալու ինքնահաստատման:

Հաւաքականը նահանջած է ի շահ անհատականին:

Գաղափարականը նահանջած է ի շահ ժամանակաւոր իրագործումին:

Քաղաքական հեռակայ թիրախը նահանջած է ի շահ անմիջական, սակայն անցաւոր նպատակին:

Ազգայինը նահանջած է ի շահ միջազգայինին եւ համաշխարհայնացած մտածողութեան:

Եւ այս բոլորը կը կատարուին մարդ անհատի սրտին ու մտքին համար քաղցր եւ հաճելի հնչեղութիւն ունեցող արդիականութեան անունով, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ արեւմտականացման քողարկում:

Ազգայինն ու ազգայնականը քանդող ընդհանուր այս ընթացքէն հեռու չէ հայկական իրականութիւնը եւս, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքեան գաղութներու պարագային, թէեւ իւրաքանչիւրի պարագային տարբեր կշռոյթով եւ հետեւանքներով:

Անուրանալի է, որ մարդկային կեանքի եղափոխութիւնը անհրաժեշտ է եւ օգտակար:

Վստահաբար համամարդկային արժէքները անհրաժեշտ են ու խթանիչ` որեւէ հաւաքականութեան զարգացման համար:

Հաւաքականութիւնները կ՛աճին, կը զարգանան, կը գոյատեւեն ու գոյատեւումը կը շարունակեն մշակոյթներու փոխներգործութեամբ, կենցաղային սովորութեանց փոխանակումով, աւանդութեանց պահպանումին առընթեր անոնց պատշաճեցումով ու վերաորակաւորումով ի հարկին:

Արժէքներու պահպանումը թանգարաններու դարաններուն փոշեթաթախ վիճակին մէջ, մուրին մէջ չ՛արժեւորուիր: Արժէքները կը պահպանուին պատմութեան փորձաքարին զարնուելով, ժամանակներու հետ յղկուելով, բայց մանաւանդ անոնց պողպատացումին հետ համատարած դառնալով  եւ հասանելի` համաժողովրդային առումով:

Իբրեւ ազգային հաւաքականութիւն, բայց մանաւանդ իրաւազուրկ ու պահանջատէր հաւաքականութիւն, հայութիւն, հոս Լիբանանի մէջ իբրեւ Լիբանանի հայութիւն ու քաղաքական հաւաքականութիւն, պարտաւոր ենք սրընթաց արժեզրկումին եւ օտարումին դէմ մեր «ոչ»-ը ըսելու:

Այո՛, համամարդկային արժէքները մերը եղած են ու պիտի մնան:

Ընկերային հարցերը, ախտաճանաչումները մերը եղած են գէթ ՀՅ Դաշնակցութեան համար ու անկասկած մերը պիտի մնան:

Արդարութեան արժէքը, ազատ խղճի ու հաւասարութեան սկզբունքի յենասիւնով մերը եղած է ու այդպէս պիտի մնայ:

Աշխատաւոր դասակարգի իրաւունքը, բանուորի արդար քրտինքը իբրեւ յաւելեալ արժէք նկատող սկզբունքը մե՛րը եղած է ու պիտի մնայ:

Կնոջ իրաւունքը եւ հաւասարութիւնը դեռ 1918-ի հանրապետութեան մէջ մեր ջանքերով իրականացած են, ու ոչ մէկ զիջում կատարուած է այնուհետեւ: Մեր իրաւունքն է այդ եւ պիտի այդպէս մնայ:

Մարդկային իրաւունքները դեռ համաշխարհային յայտարարութիւններէ առաջ մեր պահանջը եղած են ու շարունակուած են մնալ: Եւ պիտի՛ մնան:

Ու դեռ տարբեր արժէքներ, որոնք այսօր իբրեւ նորութիւն կը հմայեն մեր հասարակութիւնը, պատմութեան արագ վերադարձով մը, պիտի տեսնենք, որ մերը եղած են, հայո՛ւ արժէք եղած են ու կը մնան:

Յաճախ կրկնած ենք ու պիտի չվարանինք կրկնելու: Ինչ որ օտարին է, անպայման լաւը չէ: Մենք պարտաւոր չենք կապկելու օտարը:

Մենք զարգացումի եւ յառաջդիմութեան ճամբուն վրայ պարտաւոր ենք ազգայնացնել այլոց արժէքները: Հայերէն դարձնել զանոնք, հայկականացնել զանոնք, մե՛րը դարձնել զանոնք:

Ամէն պատճառ ունինք հպարտանալու ազգային մեր արժէքներով, մեր սկզբունքներով, մեր աւանդութիւններով: Անհատակեդրոն մտածողութեամբ չենք կրնար, իրաւունքը չունինք ձեռքէ հանելու եւ ոտնակոխելու զանոնք:

Ազգ ենք, ինքնուրոյն ու պահանջատէր ազգ:

Անհատականը ի սպաս հաւաքականին ծառայեցնող ազգայիններով հպարտացող ու գործող հաւաքականութիւն ենք:

Հայկական, ազգային արժէքներու վերադարձով կրնանք կռանել մեր ուժը: Հայուն ու հայութեա՛ն ուժը:

2018-ը արժէքներու հայկականացման տարի է նաեւ:

Վերցնենք այս ձեռնոցը եւս:

 

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Դարձեալ Իրանը…

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

2009-ին տեղի ունեցան Իրանի նախագահական ընտրութիւնները,որոնց ընթացքին Մահմուտ Ահմատի Նեժատ նախագահ վերընտրուեցաւ: Ընդդիմութիւնը չընդունեց ընտրութիւններուն արդիւնքները,տեղի ունեցան հակակառավարական ցոյցեր,իսկ արեւմտեան լրատուամիջոցները այդ ցոյցերը կոչեցին «Կանաչ յեղափոխութիւն»: Սակայն քանի մը օր ետք ոստիկանութիւնը իր հակակշիռին տակ առաւ մայրաքաղաք Թեհրանը եւ բանտարկեց ընդդիմադիր ղեկավարները: Անցեալ շաբաթ դարձեալ հակակառավարական ցոյցեր տեղի ունեցան, սակայն որոշ տարբերութիւններ կան երկու պարագաներուն միջեւ:

2009-ի ցոյցերուն բնոյթը զուտ քաղաքական էր, իսկ անցեալ շաբթուան ցոյցերը ունէին տնտեսական երես, որ յանկարծ որոշ արագ եղափոխութիւն մը ապրեցաւ եւ ունեցաւ քաղաքական երես: Պէտք է նաեւ նշել, որ 2009-ի ցոյցերը տեղի ունեցան քաղաքներուն մէջ, ինչպէս` Թեհրան եւ Թաւրիզ, իսկ այս օրերու ցոյցերը կը կատարուին գիւղերու կամ մեկուսացուած շրջաններու մէջ, ուր աղքատութիւն եւ անգործութիւն կը տիրէ: Արեւմտեան եւ կարգ մը արաբական լրատուամիջոցներ այս ըմբոստութիւնները որակեցին «իրանեան գարուն»: Անշուշտ այս որակումները ունին զուտ քաղաքական հաշիւներ եւ մինչեւ օրս հեռու են իրականութենէն:

Ինչո՞ւ Իրանի Մէջ Ըմբոստութիւններ Ծագեցան

Զարմանալի չէր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփը կը պահանջէր վերատեսութեան ենթարկել Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութիւնը, որ կնքուեցաւ նախագահ Օպամայի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին: Թրամփ շատ լաւ գիտէր, որ այդ համաձայնագիրին վաւերացումը պիտի օգնէր, որ Իրանի տնտեսութիւնը վերելք ապրի, եւ արեւմտեան ներդրումներ «ներխուժեն» այդ երկիր: Առաւել, Սէուտական Արաբիոյ լրատուամիջոցները արդէն իսկ պատրաստ էին, եւ առաջին օրէն իսկ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը ցոյցերը կոչեց «Իրանեան յեղափոխութիւն» եւ սկսաւ ժապաւէններ ցուցադրել Իրանի Ահուազ շրջանի արաբներու ցոյցերուն մասին` հրահրելով անջատողական եւ համայնքային տագնապ:

Ցոյցերը սկսան Մաշհատ շրջանին մէջ, ուր երրորդ օրէն սկսեալ ցուցարարները սկսան պոռալ` «Մա՛հ բռնակալին» (ակնարկութիւնը` Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետ Ալի Խամենէիին)», ապա Նաճաֆապատի մէջ` «Մենք չենք ուզեր իսլամական պետութիւն» եւ Ռաշտի մէջ` «Մա՛հ Յեղափոխական պահակագունդին»: Նոյնանման կարգախօսներ արձակուեցան նաեւ Խորամապատի, Սպահանի եւ քրտական շրջաններու մէջ: Պէտք է նշել, որ այս շրջանները կը պատկանին տարբեր դասակարգային եւ ցեղային խումբերու, եւ այսօր մտահոգութիւն կայ, որ ցոյցերը ունենան համայնքային կամ ցեղային բնոյթ: Իրանի բնակչութեան 30-45 առ հարիւրը կը պատկանի ոչ պարսկական ցեղերու (ազերի, քիւրտ, արաբ, թիւրքմեն, պալուճ, հայ, ասորի…): Օրինակ` երկրի հիւսիսարեւելեան շրջանները քրտաբնակ եւ ազերիաբնակ են, արեւելեան շրջանները` արաբաբնակ, արեւմտեան շրջանները` թիւրքմենաբնակ, իսկ հարաւը` պալուճաբնակ, եւ պարսիկները գրեթէ շրջապատուած են այլ ցեղերով իրենց իսկ երկրին մէջ, հակառակ անոր որ շիի կրօնը գերակշռող է:

Քարիմ Սատճատփուր «Տը Աթլանթիք» օրաթերթին մէջ «Իրանի ճակատը» խորագրեալ (31/12/2017) յօդուածով մը կ՛անդրադառնայ ժողովուրդին մտահոգութիւններուն: Յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ, թէ ինչպէ՛ս շրջանային տագնապները եւ Իրանի ռազմական օժանդակութիւնները կարգ մը երկիրներու` տկարացուցին երկրին տնտեսութիւնը: Ըստ յօդուածագիրին, ժողովուրդը յոգնած էր քաղաքականութենէն եւ կը փնտռէր իր օրուան հացի պատառը: Ասիկա պարզ ենթադրութիւն մը չէ,այլ որոշ իրականութիւն մը կայ անոր մէջ,որովհետեւ ցուցարարներէն շատեր կը պոռային` «Ձգեցէ՛ք Սուրիան, Պաղեստինը եւ Լիբանանը, մտածեցէ՛ք մեր մասին»:

«Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին (30/12/2017) Թրիթա Փարսի (Ամերիկեան-իրանեան ազգային խորհուրդի նախագահ) ըսաւ, որ անգործութիւնը եւ սղաճը գլխաւոր պատճառներն են ժողովրդային ցոյցերուն: Ըստ Փարսիի, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի խօսք տուաւ իրանցիներուն, որ հիւլէական համաձայնութենէն ետք հսկայ ներդրումներ պիտի մտնեն Իրան, եւ տնտեսութիւնը պիտի բարգաւաճի, սակայն այս խոստումները չիրականացան: Փարսի կը յայտնէ նաեւ, որ ժողովուրդը իր վստահութիւնը կորսնցուց վարչակարգին նկատմամբ: Ան շատ մեծ յոյսեր կապած է Ռուհանիի կառավարութեան հետ եւ անոր ձախողութեան պարագային, ոչ մէկ յոյս ունի այլեւս Իսլամական հանրապետութենէն, որուն հիմական նպատակներէն մէկն է արդարութիւնը: Ան նաեւ ուշադրութեան կը յանձնէ կին ցուցարարներուն ներկայութիւնը ցոյցերուն, որովհետեւ, հակառակ անոնց ունեցած ուսման բարձր մակարդակին, անոնք տակաւին անտեսուած կը մնան, եւ անոնց իրաւունքները ոտնակոխուած են կրօնական պայմաններու տակ: Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթի թղթակից Ալիսոն Քափլան Սոմերի (1/1/2018) համաձայն, իրանցիք դժգոհութիւն կը յայտնէին, երբ կը լսէին, որ իրենց կառավարութիւնը միլիոներ կը ծախսէ Կազայի եւ Դամասկոսի մէջ, իսկ բարենորոգման ոչ մէկ ծրագիր կը մշակէ երկրին մէջ:

Հաւանաբար ցոյցերուն եղափոխութիւնը շատ արագ ձեւով կատարուեցաւ, շրջանային եւ միջազգային ուժեր փորձեցին ցուցարարները շեղել իրենց բուն նպատակներէն, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ Իսլամական հանրապետութիւնը ձախողութիւններ չունի: Ժամանակն է, որ իրանեան կառավարութիւնը բարենորոգումներու ձեռնարկէ. ամէն անգամ պաշտպանութեան լաւագոյն ձեւը յարձակողական ըլլալը չէ, մանաւանդ երբ բերդին դռները բաց են:

Yeghia.tash@gmail.com

«Մէկ Անգամ Հայաստանում». Զբօսաշրջային Պատմութիւններու Մրցում

$
0
0

«Արմենիա» աւիաընկերութիւնը, «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութիւնը եւ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումների նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն յայտարարում են «Մէկ անգամ Հայաստանում» ուշագրաւ եւ իրական պատմութիւնների մրցոյթ: Ակնկալւում է պատմութիւնների միջոցով ներկայացնել Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը, նորովի բացայայտել աշխարհում հնագոյն երկրներից մէկի յայտնի ու դեռեւս անյայտ կողմերը:

Մրցոյթին կարող են ներկայացուել պատմութիւններ հետեւեալ բովանդակութեամբ.

– Պատմութիւն, որի հերոսը հեղինակն է
– Պատմութիւն, որի կեդրոնում Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկն է:

Մասնակցութեան պահանջներն են:

– Տեքստի առաւելագոյն ծաւալը պէտք չէ գերազանցի 500 բառը:
– Պատմութիւնները պէտք է ներկայացուեն հայերէնով:
– Մրցոյթին կարող են մասնակցել ցանկացած երկրից:
– Մրցոյթը կը մեկնարկի 2017 թուականի դեկտեմբերի 21-ին եւ կ՛աւարտուի 2018 թուականի յունուարի 13-ին` ժամը 16:00- ին:
– Պատմութիւնները պէտք է ուղարկել contest@armenpress.am հասցէին` «Մի անգամ Հայաստանում» թեմայով (subject line):
– Պատմութիւնների հետ մասնակիցները պէտք է ուղարկեն նաեւ անձնագրի ելեկտրոնային պատճէնը, հեռախօսահամարը եւ բարձր որակի լուսանկար, որը կը հրապարակուի պատմութեան հետ (անձնական տուեալների գաղտնիութիւնը երաշխաւորուած է):
– Ներկայացուող պահանջները չբաւարարող յայտերը կ՛որակազրկուեն եւ մրցոյթին չեն մասնակցի:
– Մրցոյթի յաղթողների անունները կը հրապարակուեն յունուարի 20-ին:
– Պարգեւատրման արարողութեան մասին կը յայտարարուի լրացուցիչ:

Մրցոյթի մասնակիցը երաշխաւորում է.

– Պատմութեան հեղինակը լինելու հանգամանքը:
– Պատմութեան նախկինում որեւէ կերպ չհրապարակուած լինելը (տպագիր կամ ելեկտրոնային տեսքով):

– Այն, որ պատմութիւնը գրուել է յատուկ, մէկ անգամ Հայաստանում է մրցոյթի համար:

Մրցանակ

Մրցոյթի արդիւնքում կ՛ընտրուի երկու յաղթող` իւրաքանչիւր բովանդակութեան համար մէկական մրցանակ: Յաղթողները կը ստանան անվճար անուանական տոմս Երեւան-Պէյրութ-Երեւան կամ Պէյրութ-Երեւան-Պէյրութ ուղղութեամբ: Մրցոյթին ներկայացուած եւ որակաւորում ստացած բոլոր պատմութիւնները հրապարակուելու են www.armenpress.am կայքի «Մէկ անգամ Հայաստանում» խորագիրը կրող յատուկ բաժնում: Յաղթող նիւթերը կը թարգմանուեն եւ կը տեղադրուեն www.armenia.travel Հայաստանի զբօսաշրջային պաշտօնական կայքէջում: Մրցոյթի յաղթողներին կ՛որոշի «Արմենիա» աւիաընկերութեան, «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան եւ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումների նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի համատեղ ժիւրին:


Աբօ Աշճեանի Առեւանգման 35-ամեակին Առիթով Կիսանդրիի Զետեղման Հանդիսութեան Շահան Գանտահարեանի Արտասանած Խօսքը

$
0
0

Պէտք է խոստովանիլ, որ բաւական դժուար է խօսիլ Դաշնակցութեան ժամանակակից պատմութիւնը կերտած ամենանուիրական դէմքերէն մէկուն մասին, որուն հետ անձնական ծանօթութիւն չէ եղած, եւ որուն հետ գործակցելու պատիւին արժանանանլու առիթ չէ ստեղծուած: Խնդիրը աւելի կը դժուարանայ, երբ այս պարագային ընկեր Աբոն ոչ միայն թուղթին չէ յանձնած յուշեր, ապրումներ կամ մտածումներ, այլ ընդհանրապէս չէ խօսած նաեւ այդ բոլորին մասին: Ու տակաւին. գործին թելադրած անգիր սկզբունքներէն մեկնած` իրեն նման չեն խօսած ու չեն խօսիր նաեւ անոնք, որոնք վայելեցին իր մտերմութիւնը, գործակցեցան իրեն հետ կամ կատարեցին իր յանձնարարականները:

Թէեւ հազուադէպ պարագաներու հանդիսաւոր նշումով կամ հրապարակագրութեամբ խօսուած է Աբօ Աշճեանի մասին, սակաւաթիւ արժեւորումը կատարուած է անոր կուսակցական գործունէութեան, այսուհանդերձ, ընկեր Աբոյի անունը կարծէք անընդհատ շրջանառութեան մէջ է ոչ միայն զինք ճանչցած , անոր հետ գործակցած ընկերներու , այլ նաեւ իրերայաջորդ կուսակցական սերունդներու մօտ, որոնք անձնապէս չճանչցան զինք, սակայն ժամանակի որոշ հեռաւորութենէ զգացին մեծ հեղինակութեան մը ազդեցութիւնը կուսակցական համատարած մթնոլորտի վրայ:

Նոյնքան հազուադէպ կը պատահի նաեւ ա՛յս իրականութիւնը: Մեկնած հեղինակութեան մը մասին պաշտօնական, շռայլ գնահատականներէ եւ հանդիսաւոր արարողակարգային ծէսերու անհաղորդ մթնոլորտներէ հեռու, Մարդը, այս պարագային` ղեկավարը, կը յիշուի իր շարժումներով, իր նկարագրի մանրամասնութիւններով, սակաւախօսութեամբ, բայց շատ բան փոխանցող ուղերձներով, զուարթախօսութեան եւ խստաբարոյութեան օրինակներով,  համեստութեան գեղեցիկ փաստերով եւ, մանաւանդ, կազմակերպիչի գերազանց հմտութիւններ ունեցած ըլլալու հանգամանքներով:

Եւ պէտք է մտածել անպայման պատիւի, առանձնայատկութեան այն ինքնազգացողութեան մասին, որ կ՛ապրին ու նեղ շրջանակներու մէջ կ՛ապրեցնեն նաեւ այն տղաքը` ընկեր Աբոյի ընկերները, որոնք իրեն հետ  գործակցելու, աւելի ճիշդը` ընկեր Աբոյի յանձնարարականները կատարելու առիթը, պատիւն ու երջանկութիւնը ունեցած են:

Կուսակցական տարբեր սերունդներու մէջ ընկեր Աբոյի ղեկավարած գործի փոխանցած հմայքին ստեղծած հետաքրքրութիւնը մղած էր այդ օրերու պատանեկանէ երիտասարդական մուտք գործած ընկերները կցկտուր տեղեկութիւններ քաղելու` Իմանալու համար , որ այդ տղաքը մնայուն պահակներն են ժողովուրդին, որոնք ուղղակի կապուած ընկեր Աբոյին` կը շարժէին միայն անոր հրահանգով, անոր ցուցմունքով` փոխանցելով այն համոզումը, որ կը միջամտեն, երբ հարկը զգացուի, երբ ճակատագրական պահ ստեղծուի, երբ վտանգը մօտենայ, երբ ահազանգը հնչէ. այն ժամանակուան պատանեկանի կամ ԼԵՄ-ականի մեր պատկերացումներուն մէջ անոնք վտանգ չէզոքացնող, ականազերծող, զինուորական արագ գործողութիւն իրականացնող փորձագէտ եւ մարտական հմտութիւն ունեցողներ էին, բոլորն ալ ենթակայ` ընկեր Աբոյին, բոլորը կարգապահ զինուորները` ընկեր Աբոյին: Մէկ խօսքով` Դաշնակցութեան արտակարգ իրավիճակի փրկարարական խումբը, որ կը գործէր լուռ, լուսարձակներէ հեռու,եւ որ ներկայութիւն կը զգացնէր հազուադէպօրէն, ի պահանջել հարկին:

Աւելի ուշ գիտակցեցանք, որ համակարգի այդ բաժանմունքը, կուսակցական ժողովներու քննութիւններէ անցած, որոշումի կարգ ստացած եւ ընկեր Աբոյի իրաւասութեան յանձնուած կատարուելիք առաքելութիւնները կ՛իրականացնէր. իմացած էինք, որ Կեդրոնական կոմիտէի կամ շրջանային երկարատեւ ժողովներու ընթացքին ընկեր Աբոն լուռ, գրեթէ սֆինքսեան լռութեամբ կը հետեւէր այդ բոլորին, այդ բոլորէն դուրս կու գար` առնելով իր գործի բաժինը ապա դարձեալ անտեսանելիօրէն կը ղեկավարէր ու կը վերահսկէր Գործը: Գործ մը, գործեր, ուր ինք տեսանելի չէր ,սակայն ուր կար իր ձեռագիրը: Անթերի ու կատարեալ գործեր ստորագրած ձեռագիր մը:

Քիչ մը աւելի չափահաս եւ կուսակցական երեւոյթներու նկատմամբ մեր վերլուծական փորձերուն մէջ գիտակցեցանք, որ ընկեր Աբոն իր անձին ու իր գործին հանդէպ գոյառուած հմայքը բացարձակօրէն չէր կապած ներկազմակերպական խնդիրներու. բնական էր, որ լիբանանահայ համայնքի ապրած ամէնէն տաք օրերուն ալեկոծէր նաեւ ներկուսակցական կեանքը, տարբեր փուլերուն: Ընկեր Աբոյի երկաթեայ պահուածքը, չներքաշուելու այդ բոլորին մէջ, անհպելի պահեց իր ղեկավարած կառոյցին վաստակած աւանդը, բարոյական դիմագիծը եւ մանաւանդ` խորհուրդը, պատճառ դառնալով, որ այդ կառոյցի տղոց ամենափայլուն դէմքերը, հաւանաբար` կորիզը բաղկացնողները, զգան իրենց պատասխանատուութեան բարձր աստիճանաչափը: Իրենց մարզին մէջ հեղինակութիւններ, որոնց մեծամասնութիւնը ո՜չ մասնակցեցաւ պատասխանատու ժողովներու, ո՛չ ալ անդամակցեցաւ մարմիններու, բայց որ բոլորին  ներշնչեց կուսակցութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորած ըլլալու փաստը: Ապահովութեան զգացումը:

Նուրբ էր այս դրուածքը. հաւաքագրուելով` եւ որոշ գործերու մէջ, այո՛, ըստ էութեան, ըլլալով իրօք առանձնաշնորհեալ, անոնք գիտցան կուսակցական կեանքի մէջ որեւէ գերակայութիւն չզգացնել, ինչպէս թելադրուած էր իրենց` առաջին հերթին ընկեր Աբոյին կողմէ: Անոնք յաջողեցան յաղթահարել առանձնաշնորհեալ կարգավիճակ ունեցած ըլլալու փորձութիւնը:

Նրբութեամբ արձանագրուած այս յաջողութեան կերտումին մէջ ընկեր Աբոն ի՜նք եղաւ կենդանի օրինակը: Բոլորը կը վկայէին, որ կուսակցական ղեկավարութեան մէջ սքանչելի համատեղում գոյութիւն ունէր` քաղաքական եւ մարտական մտածողութիւններու: Ոչ անպայման կանոնագրով բառացիօրէն ճշդուած, այդուհանդերձ, իւրաքանչիւր բաժնի դերը լռելեայն, ինքըստինքեան հասկցուած էր ու զիրար ամբողջացնող: Եթէ ընկեր Աբոն լուռ էր ժողովներուն, ապա իր գործի վերաբերող քաղաքական բաժնի որոշումները կայացնողները անպայման կը յենէին իր ամբարած ու կուտակած ուժին վրայ: Այդ ժամանակաշրջանը լիբանանահայ համայնքի ամէնէն թէժ օրերն էին: Երբ քաղաքական որոշում կը տրուէր, կար գիտակցութիւնն ու համոզումը, որ այդ որոշումի գործադրման համար կար ուժը. ուժ, որ ստանձնած էր ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ ամբողջ ժողովուրդին անվտանգութիւնը: Վաղուան պատմաբանը կ՛արձանագրէ անպայման, թէ այդ ժամանակաշրջանին ինչպէ՛ս պահպանուեցաւ անվտանգութիւնը, եւ թէ` ի՞նչ փայլուն կատարողականութիւն ցոյց տուաւ Դաշնակցութիւնը այդ առաջադրանքը կատարելու մէկ կողմէ` քաղաքական շրջահայեացութեամբ եւ միւս կողմէ համայնքի ինքնապաշտպանութիւնը ամենաարհեստավարժ եղանակով կազմակերպուած եւ ընկեր Աբոյի ղեկավարած զինուորական համակարգի դրսեւորումներով:

Մեր սերունդը, ֆիզիքական անմիջական հաղորդակցութեան առումով, աղօտ պատկերացումը ունի ընկեր Աբոյի պայծառ կերպարին : Նորագիր ԼԵՄ-ականներ էինք տակաւին, երբ իմացանք, որ երեսունհինգ տարի առաջ, Ամանորի նախօրեակին, թշնամիները առեւանգած էին Դաշնակցութեան ղեկավար դէմքերէն Աբօ Աշճեանը: Շատ չանցած, անձրեւոտ օր մը, Պուրճ Համուտը պիտի ողողուէր բողոքող հայորդիներով, որոնք համաժողովրդային  հաւաքով  կը դատապարտէին Մեծ ընկերոջ առեւանգումը:  Մեր յիշողութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ ժամանակակից ղեկավարութեան դէմ կատարուած այս աքթը Դաշնակցութեան կողմէ ուղղակի կը վերագրուէր Թուրքիոյ: Յանուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` Հրաչ Տասնապետեան կը յայտարարէր, որ ընկեր Աբրահամ Աշճեանի առեւանգումը նորագոյն մէկ օղակն է դաւերով, խաբէութիւններով, ահաւոր ճնշումներով եւ զանգուածային սպանդներով յատկանշուած պետական այն ահաբեկչութեան, որ թուրք բռնակալ սուլթաններու, ապա իթթիհատական Թուրքիոյ համաթուրանական վարիչներուն եւ, վերջապէս, թրքական հանրապետութեան ֆաշական ղեկավարութեան կողմէ գործադրուած է ու կը շարունակէ գործադրուիլ հայ ժողովուրդին հանդէպ:

Պարզ էր ուղերձը. Անգարան փաստօրէն պետական ահաբեկչութեամբ կը հարուածէր Դաշնակցութիւնը` փորձելով գլխատել հայկական իրականութեան մէջ ամէնէն կազմակերպ, կուռ եւ Թուրքիոյ հետ ուժային ոճով հակադարձելու կարողականութիւն ունեցող կուսակցութեան համապատասխան համակարգը:

Համաժողովրդային շրջանակներու համար խորհրդաւոր ուժի տէր այս անձը շատերու մտապատկերին մէջ կը կաղնիանար` իբրեւ ժառանգորդը Նիկոլ Դումաներու, Դրոներու, Նժդեհներու ու, տակաւին, հայ ժողովուրդը տարբեր օրհասներէ փրկած ղեկավարի յատկանիշներով գործած,  դաշնակցական հայդուկապետներու, որոնք իբրեւ գործելաձեւ յար եւ նման իրարու` պատմութիւն կերտեցին ու պատմութեան անցան` յաջորդաբար աղիւսելով այս կուսակցութեան մարտական կառոյցին վաստակած աւանդը:

Թուրքիոյ հասցէին Դաշնակցութեան կատարած ուղղակի, հասցէական վերագրումը մտածել կու տար, որ Անգարան գործի լծուած էր իրեն սպառնալիք նկատուող շարժումը չէզոքացնելու համար: Բացի ձեռք բերուած տեղեկութիւններէ` տեղական մակարդակով առեւանգման գործողութեան մասնակիցներու մասին, կար ընտրուած թիրախին` Թուրքիոյ համար ներկայացուցած վտանգի տեսութիւնը:

Յեղափոխական աւանդներու վերադարձի որոշումով յատկանշուած ժամանակաշրջանին մասին է խօսքը. թշնամիին հետ ուժային լեզուով խօսողներու հրամցուցած շարքի ընթացքին ձերբակալուողներու, կամ քաղաքական բանտարկեալ դարձող տղոց ինքնութիւնները մտածել կու տային յատուկ միջավայրի մը, իւրայատուկ դաստիարակութեան մը եւ առանց հետք ձգելու, առանց անմեղ զոհեր խլելու ազատագրական պայքարի աւանդական կռուելաձեւի մը մէջ պարփակուած բարոյական սկզբունքներու մասին:

Պատմութիւնը, սփիւռքագիտութիւնը` յատկապէս, վաղը անպայման յատուկ հատոր պիտի յատկացնէ այս բոլորին մասին առարկայական, գիտական եւ ըստ արժանւոյն գնահատականը տալու հայ ազատագրական շարժումի աւանդոյթներուն եւ բարոյական սկզբունքներուն հարազատ մնացած հերոսական արարքներու մասին, հեռու` որոշ իրողութիւններ նսեմացնելու կամ այլ իրադրութիւններ ուռճացնելու քարոզչաքաղաքական ծրագիրներէ:

Հետագայ այդ ուսումնասիրական աշխատանքներուն մէջ յաղթական պիտի կանգնի անպայման ընկեր Աբոն` լուռ ղեկավարէն մինչեւ վտանգաւոր օրհասներուն առաջնագիծի վրայ կանգնողը, Դաշնակցութեան յենասիւնը համարուած մարտական կառոյցը գլխաւորելէ մինչեւ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն «Սարդարապատ» ակումբի մաքրութեան լծուած պատանի ընկերուհիէ ջուրի դոյլը խլած եւ մաքրութեան մասնակցած համեստ ու հոգատար ընկերը, մինչեւ իր անձնական ապահովութեան համար այլ ընկերներու կեանքը վտանգել մերժած լուսաւոր դէմքը: Մինչեւ` պատանդուած վիճակի մէջ թշնամիին տեղեկութիւն չփոխանցելու համար ֆիզիքական ինքնաչէզոքացումի փորձ կատարած հերոսը:

Այս առիթով արժէ յիշել նաեւ հայ առաջին քաղաքական բանտարկեալի ազատ արձակման եւ անոր մասնակցած գործին զօրակցութիւն յայտնելու համար  ԼԵՄ-ի կազմակերպած զօրակցական ցոյցը: Կարեւոր անկիւնադարձ էր այդ ցոյցը երիտասարդութեան համար. առաջին զօրակցական դրսեւորումը կ՛ունենար հիմնական ազդեցութիւն` ազատագրական պայքարի վերադարձ կատարողներու նկատմամբ լիբանանահայ երիտասարդութեան  զօրակցական հետեւողական շարժումին վրայ: Պէտք էր ուղղակի ապրիլ այդ օրերու երիտասարդութեան եռանդին, խանդավառութեան եւ անմնացորդ զօրակցելու համատարած մթնոլորտը: Շատ ուշ էր, երբ իմացանք, որ հակառակ տարբեր պայմաններու նկատառումով որոշ պատասխանատու ընկերներու կողմէ ցոյցը կազմակերպելու որոշումին դէմ դրուած արգելքին` այդ ցոյցի կայացման առաջարկը վերանայուած էր. ցոյցը տեղի ունեցած էր եւ երիտասարդութիւնը բաւարարուած` շնորհիւ ընկեր Աբոյին, որ անհրաժեշտ նկատած էր երիտասարդութեան մօտ ընթացքի մէջ եղող գործին նկատմամբ զօրակցական ալիքի բարձրացումը:

Յարգելի՛ ներկաներ,

Այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանական համակարգի ղեկավարութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած է ազգ-բանակ նախագիծը, որուն նպատակն է հիմնականին մէջ պատերազմող ժողովուրդի մէջ համատեղ զարգացնել քաղաքացիական եւ զինուորական մտածողութիւնները եւ ազգովին պատրաստ ըլլալ թշնամիի ոտընձգութիւնները դիմագրաւելու . ասոր առընթեր, կը գործեն նաեւ «Ես եմ» եւ «Պատիւ ունեմ» ծրագիրները, որոնք ընդհանուր գիծերու մէջ կը նպատակադրեն զինուորական ժամանակակից բարձրագոյն  կրթութեամբ որակաւորել հայկական սպայակազմը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, պատանիներէն մինչեւ երիտասարդականի անդամներ, մինչեւ ԼՕԽ-ականներ եւ ժողովուրդի զաւակներ մինչեւ ակումբներու կամ յատուկ դիրքերու վրայ հերթափոխ պահակներ` բոլորը համատեղած էին համայնքի անդամ ըլլալն ու Դաշնակցութեան դրօշին տակ ինքնապաշտպանութեան ընդհանուր գործին մասնակցիլը: Լիբանանի մէջ ժողովուրդ-բանակ այս հասկացողութիւնը կը գործէր անթերի, բարձր մակարդակով: Եւ ըստ էութեան, յաջողագոյն մանրանկարն էր այն նախագիծին, որուն կը ձգտի այսօր  մեր պետութիւնը: Ժողովուրդ-բանակ այս համակարգին մէջ «Ես եմ» կամ աւելի ճիշդը` «Մենք ենք» կ՛ըսէին անոնք, որոնք կը գործէին ընկեր Աբոյի անմիջականութեամբ,եւ որոնք նաեւ պատիւը ունէին ընկեր Աբոյի ղեկավարած դաշնակցական կառոյցին մաս կազմած ըլլալու:

Կառոյց, որ ոչ միայն պատուով կատարեց իրեն վստահուած կուսակցական որոշումները Լիբանանի մէջ, այլ ամբողջ հայ ժամանակակից ազատագրական շարժումին նոր փայլք ապահովեց` քանդելով լռութեան պատը եւ ճամբայ հարթելով հայոց պատմական իրաւունքներու վերականգնման քաղաքական աշխատանքներուն:

Այդ փայլուն կատարողականութիւնը, առաջին հերթին, հայութիւնը կը պարտի ընկեր Աբոյին: Յարգա՛նք իր վաստակին:

Շնորհակալութիւն:

Յոբելեարները Եւ Դաշնակցութիւնը

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Յոբելենական հեւքոտ իրադարձութիւններու տարի մը կը թեւակոխենք. մայիս 28-ի անկախութեան հռչակման ու պետականութեան կառուցման 100-ամեակ, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակ, Համազգայինի 90-ամեակ, ղարաբաղեան շարժումի 30-ամեակ :

Ինչի՞ կը միտի յոբելենականներու այս հեւքոտ խաչաձեւումը, քանի որ յոբելենական նշանակալից թուականի մը հռչակումը առհասարակ կը նպատակադրէ լուսարձակը բանալ, մարդոց  ուշադրութիւնը կեդրոնացնել  յոբելեար կազմակերպութեան վաստակին ու յառաջիկայի ծրագիրներուն վրայ եւ անոնցմով դրոշմել հանրութիւնը` տարուան մը կտրուածքով: Ներկայ պարագային, տարեդարձներու  զուգադիպութեան այս շարանին մէջ  հասարակութեան  սեւեռումը պիտի կեդրոնանայ  իր տարողութեա՛մբն ու պատմակշիռ ծանրութեա՛մբը ըստ ամենայնի  անբաղդատելի եւ էապէ՛ս ազգային մեր մեծագոյն տօնին` անկախութեան հռչակման 100-ամեակին վրայ, իսկ միւսները  պէտք է նկատել  անոր իտէալներէն ներշնչուող, այդ իտէալները  տարածող   եւ ամրացնող  ածանցեալ  գործօններ:

Դաշնակցականի մը փոքր ու ներելի փառասիրութիւնը թոյլ կու տայ արձանագրելու, որ ՀՄԸՄ ու Համազգային, հիմնադրութեան  թուականէն սկսեալ, 9-10 տասնամեակներու վրայ ծաւալած իրենց գործունէութիւնը կենսաւորեցին անցեալին, ինչպէս ներկայիս ալ կը վայելեն  հայ զանգուածներու անվերապահ վստահութիւնը` շնորհիւ Դաշնակցութեան, որուն բազմամակարդակ օրակարգին  մէջ ՀՄԸՄ-ին  ու Համազգայինին կարեւոր տեղ յատկացուած է արդէն, եւ որ զանոնք կը նկատէ իր մարզական եւ մշակութային թեւերը: Կը զօրակցի անոնց գործնապէս` մարդուժով  ու բարոյական  նեցուկով: Ամէն աջակցութիւն կու տայ անոնց, որպէսզի  արժանաւորապէս  տէր դառնան հայ կեանքի մէջ իրենց վիճակուած առաքելութեան:

Ինչ կը վերաբերի ղարաբաղեան շարժումի 30-ամեակին, դաշնակցականի փոքր այդ փառասիրութիւնը նոյնպէս իրաւունք կու տայ ըսելու,  որ անկախ հանրապետութեան (1918-1920) շրջանին, հակառակ տիրող խառնաշփոթ պայմաններու դժուարութեանց, Դաշնակցութիւնը պահանջատէր եղաւ, որ  Ղարաբաղը Հայաստանին անբաժան մասը կազմէ, եւ անզիջող մնաց  իր այդ պահանջին մէջ: Հետագային, համայնավար վարչակարգի տարիներուն եւ մինչեւ 1988, այդ պահանջը մշտապէս արծարծ պահողը, բարձրաձայնողը եւ սփիւռքի սերունդը անով վարակողը  ի՛նքն էր` ՀՅԴ: Եւ երբ ղարաբաղեան համաժողովրդային պոռթկումը զինեալ բախումներու յանգեցաւ, ի՛նքն էր դարձեալ, որ առաջին օրերէն կռուողներուն  օգնութեան հասաւ  զէնքով ու անմնացորդ ազատամարտիկներով:

Պատահական չէ, որ այդ թէժ տարիներուն նախագահութեան դաշնակցական թեկնածուն` եղերաբախտ Արթուր Մկրտչեանը նախագահ ընտրուեցաւ Արցախի նորակազմ Ազգային խորհուրդին…

Եւ հիմա` 100-ամեակը 1918-ի, որուն իրագործումը, իր եզակի տարողութեամբ, մեծագործութիւն մըն է, որուն նմանը չկայ մեր պատմութեան մէջ:

Թագաւորական անկախ ժամանակաշրջաններ, հերոսական հրաշապատումներ, կայսերական տարածումներ, նոյնիսկ օտար հողի վրայ` հզօր Բիւզանդիոնէն Կիլիկիան խլելով հոն պետութիւն հաստատելու խիզախութիւնը ունեցած ենք անշուշտ, բայց 1918-ի պետականութեան շնորհիւ էր, որ հայկական անդիմագիծ հասարակութիւնը մուտք գործեց ժամանակակից քաղաքակրթական դարպասէն ներս, պաշտօնապէս ու միջազգայնօրէն ճանաչում ստացաւ ան`  իբրեւ ազգային ինքնուրոյն միաւոր, եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով եւ անշրջելի կնիքով կերտուեցաւ հայ քաղաքացին:

Սարդարապատէն մինչեւ  հայրենիքի համայնավարացում  ու յատկապէս անկէ ետք, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս  հայ կեանքի հպարտառիթ ու տխուր իրադարձութեանց  մասին լաւ ու վատ շատ բան  ըսուած-գրուած է ու բացառուած չէ, որ տակաւին շատ բան ըսուի ու գրուի: Որեւէ պարագայի, սակայն, կարելի չէ ուրանալ, որ 1918-ին սահմանագծուեցաւ հայրենիքի այն փոքր շերտը, զոր ունինք: Կարելի չէ ուրանալ, որ այդ թուականէն հայ մարդը հոգիով ու մտածողութեամբ հիմնովին փոխուեցաւ, անոր մէջ ամրապնդուեցաւ հայրենիքի ու անկախութեան գաղափարը  եւ իրաւունքի գիտակցութիւնը…

Եւ մինչեւ Հայաստանի վերանկախացումը` Դաշնակցութեան ներշնչումով ու առաջնորդութեամբն էր միայն, որ ուղեկից-գործակից կազմակերպութիւններ եւ ազատատենչ հայ զանգուածներ յամառօրէն կառչած մնացին անկախութեան գաղափարին, պանծացուցին տօնը,  վառ պահեցին եռագոյնին փառքը եւ անոնցմով խորհրդանշուած հպարտութիւնն ու ձգտումները ներարկեցին յաջորդական սերունդներու հոգիներուն մէջ: Այդ կառչածութիւնն էր, որ յատկապէս սփիւռքի սերունդը եւ անուղղակի` հայրենաբնակ հայութիւնը փրկեց գնչուի հոգեբանութեամբ անհեռանկար կեանք ապրելու դժբախտ ճակատագրէն: Եւ իբրեւ անհեթեթ հակադարձութիւն այդ կառչածութեան, թէ՛ Հայաստանի համայնավար իշխանութիւնները, թէ՛ անոնց ձայնակցող սփիւռքեան որոշ հատուածներ, նոյնքան անհեթեթ մերժումով ազգային այս մեծագոյն իրագործումը Դաշնակցութեան սեփականութիւնը համարեցին: Մինչդեռ ան երբեւիցէ` ո՛չ կուսակցական շրջանակի մէջ եւ ո՛չ ալ հանրութեան առջեւ   սեփականացուցած է տօնը: Միշտ յայտարարած է, թէ անիկա ամբողջ հայութեան մեծագործութիւնն է` հակառակ պատմականօրէն հաստատուած այն իրողութեան, որ անկախութեան հռչակումին եւ պետականութեան կառուցման ազգակերտ գործին մղիչ ուժն ու գլխաւոր դերակատարը ի՛նք եղած ըլլայ:

Ինչո՞ւ այսքան կառչածութիւն` պետականութեան ու անկախութեան գաղափարին: Պարզապէս անոր համար, որ ազգի կազմակերպուածութեան գերագոյն մակարդակն է, վերջնագոյն հանգրուանն է անկախ պետականութիւնը, որ   ամենալայն իմաստով պիտի ապահովէ սեփական ժողովուրդին կեանքը: Պիտի ապահովէ հայրենիքի սահմանները, երկրի զարգացման առաջընթացն ու տնտեսական աճը: Պիտի ապահովէ քաղաքացիներուն բարօրութիւնը, արդարութեան ու իրաւունքի գերակայութիւնը, կարճ` պիտի ապահովէ ու ամրապնդէ ժողովրդավարութիւնը, որ փոխադարձաբար կ՛ապահովէ պետութեան ամրացումը: Պետութիւնը եթէ չհետամտի ասոնց իրացման, կ՛օտարուի ժողովուրդէն եւ կը վերածուի պերճանքի` իշխանաւորներուն քմայքները բաւարարող եւ անոնց կողմէ շահագործուող:

Հայաստանի վերանկախացումը հայրենաբնակ թէ սփիւռքի հայ մարդուն շնորհեց աննախընթաց ցնծութիւն` ոգեւորելով, որ ան պիտի իրականացնէ մեր անկատար տենչերը: Եւ իրապէս ալ առաջին տարիներուն «արութեան մեծ գործեր կատարուեցան` արժանի գրի ու յիշատակութեան…»: Սակայն «արութեան» գործերու  երկունքէն ետք, վերելքին յաջորդեց վայրէջքն ու յուսախաբութիւնը: Ոչ ոքի մտքէն կ՛անցնէր, թէ պետութեան ղեկին վրայ` իշխանաւորներու ընչաքաղցութիւնն ու ապիկարութիւնը պատճառ պիտի դառնային, որ երկիրը գալարուէր համատարած խաթարուածութեան մէջ, բնակչութիւնը օտարուէր սեփական պետութենէն, ազգի հոգեկերտուածքը դարերով յաւերժացնող գաղափարներու վեհութիւնը տժգունէր, ու ծայր առնէր արտագաղթի անհակակշիռ  հոսանք մը:

Պարզամիտ մարդոց մտքերուն մէջ ակամայ հարց կը ծագի, թէ անկախութիւնն ու պետութի՞ւնն են  ստեղծուած կացութեան պատճառը: Պատասխանը միանշանակ է, շեշտ ու գլխագիր` Ո՛Չ: Շատ հին տարիներէն,  5-րդ դարէն մեր մատենագիրը յստակացուցած է, որ երկաթը կարելի է գործածել բարի կամ չար նպատակներու : Երկու պարագաներուն ալ դերակատարը օգտագործող մա՛րդն է, ոչ թէ` օգտագործուող երկաթը…

Անցնինք:

Վերանկախացումին` արութեան գործերու ազդանշանը սկիզբէն տրուեցաւ, երբ վճռականօրէն յայտարարուցաւ, որ ազգային ներկայ պետութիւնը շարունակութիւնն է 1918-ին հիմնադրուած հանրապետութեան, եւ միաժամանակ որդեգրուեցան անոր խորհրդանիշերը` դրօշը, ոգերգը, զինանշանը: (Հակառակ որոշ շրջանակներու կռկռոցին ու ընդդիմութեան):

Եւ ներկայիս Հայաստանի մէջ կազմուած է արդէն կառավարական յանձնաժողով, որպէսզի արժանաւոր տօնակատարութիւններով պանծացուին 1918-ի փառքն ու 100-ամեակը:

Համազգային ակնկալութիւն պիտի ըլլայ, որ այդ տօնակատարութիւնները մեծագործութեան մը 100-ամեակը նշելու  արարողակարգային ընթացիկին մէջ չսահմանափակուին, այլ իրապէս անոնք նշանակեն 1918-ի նպատակները վերակենդանացնելու, անոր ձգտումներով առաջնորդուելու, անոր ոգիով նոր սկիզբ մը դնելու յանձառութիւն:

Ա՛յս է արդէն յոբելենական տարի հռչակելու իմաստը:

Համազգային ակնկալութիւն  է, որ չկասի արութեան գործը:

Կասկած չկայ, որ 100-ամեակը հայօճախներու մէջ եւս արժանաւորապէս, փառքով ու պատիւով պիտի պանծացուի, հոգիները պիտի լեցուին յուզումի ալիքներով ու հպարտութեամբ: Ոգեշունչ ճառեր ալ պիտի արտասանուին ու լսուին: Բայց այդ բոլորը պիտի խթանե՞ն, որ սփիւռքը իր վրայէն թօթափէ կամակոր կրաւորականութիւնը եւ վերագտնէ՛, վերակենդանացնէ՛ քաղաքական իր ջիղն ու պայքարունակութիւնը:

Քաղաքական ամուր ջիղ եւ պայքարունակութի՜ւն. հի՛մքը` դաշնակցական դաստիարակութեան:

Աթէնք, 1 յունուար 2018

Իրանի Հայ Համայնքը Քաղաքական Իրավիճակի Կայունացման Կողմնակից Է

$
0
0

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Լրագրող Յովհաննէս Մովսիսեան զրոյց ունեցած է Թեհրան հրատարակուող «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանի հետ:

Մելիքեանի խօսքով՝ Իրանի հայ համայնքը պետականութեան պահպանման եւ քաղաքական իրավիճակի կայունացման կողմնակից է, սակայն, երբ ժողովուրդին պահանջը արդա՛ր է, ապա համայնքը կը միանայ այդ պահանջին:

Իրանի տարածքին, վերջին երկու օրերուն, հակաիշխանական ցոյցեր տեղի չե՛ն ունեցած, յայտնած է Մելիքեան՝ աւելցնելով, որ իրավիճակը այժմ համեմատաբար աւելի հանգիստ է:

«Որպէսզի վերահսկելիութիւնն իր լիարժէք մակարդակին հասնի, փողոցներում կան իրաւապահ ուժեր, մարմիններ, բայց, ինչպէս ասում են՝ կեանքն իր բնական հունով է ընթանում: Տեղ-տեղ կային փոքր միջադէպեր, բայց երէկ եւ նախանցեալ օրն արդէն, կարելի է ասել, նման ցոյցեր բնաւ տեղի չեն ունեցել», ըսած է Մելիքեան:

«Ալիք»ի խմբագիրը պատմած է, որ նախ մարդիկ սկսան բողոքելու դրամատնային համակարգէն, ապա արծարծուեցան ընկերային-տնտեսական բնոյթի այլ խնդիրներ, սկսան հնչելու նաեւ քաղաքական փոփոխութիւններու կոչեր, որոնցմէ ետք բախումներ ալ եղան ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ:

«Ուշագրաւ է, որ ցոյցերու սկզբնական օրերից մինչեւ այսօր օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններն իրենք էլ խոստովանում ու փաստում են, որ կան անարդար իրավիճակներ՝ կապուած տնտեսական-սոցիալական հարցերի հետ, որոնց իրենք հետամուտ են անպայմանօրէն հանգուցալուծելու», «Ազատութեան» փոխանցած է «Ալիք» օրաթերթի խմբագիրը:

Ան նաեւ նկատել տուած է, թէ մարդիկ, ըստ էութեան, կը պահանջէին, որ նախագահ Հասան Ռոհանին իրականացնէ այն բարեփոխումները, զորս խոստացած էր նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւին ժամանակ: Ինչ կը վերաբերի հայկական համայնքին, Մելիքեանի խօսքով, հայերը որոշած են նման իրավիճակներու պարագային չէզոքութիւն պահպանել՝ կանգնելով պետականութեան պահպանման եւ քաղաքական իրավիճակի կայունացման կողքին, սակայն միաժամանակ՝ միանալ ժողովուրդի արդա՛ր պահանջին:

2018 Երիտասարդութեան Հայկականացման Տարի

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Տարեմուտի մեր խոհերուն մէջ ու յատկապէս հայկականութեան եւ ազգային արժէքներու վերադարձի անհրաժեշտութեան ինքնապարտադրումին դիմաց, նախ եւ առաջ մեր հայեացքն ու յոյսը կ՛երթան բնականաբար հայ երիտասարդութեան:

Վայրագ համաշխարհայնացումի անհատակեդրոն, նիւթապաշտական եւ ազգային մշակոյթը քանդելու յորձանուտին առաջին հասանելի զոհերը երիտասարդներն են անտարակոյս:

Նոյն վայրագ համաշխարհայնացումը իր ստեղծած անդրազգային ու անդրհայրենիք գաղափարները կը տարածէ տեղեկութեանց անկաշկանդ (բայց ոչ միշտ ազատ) փոխանակման նորագոյն արհեստագիտութեամբ գաղափարազրկող նորարարութիւններով, աժան ու անմակարդակ մշակոյթի զարգացումով, ազգային ու հայրենասիրական տիպարներու փոխարէն մշակութասպան «արուեստագէտներու» մատուցումով (եւ ինչպիսի մատուցում…) ու դեռ զանազան ախտերու եւ մոլութիւններու նկատմամբ յանուն մարդկային իրաւունքներու «հասկացողութիւն» ցուցաբերող «մարդկայնութեամբ»:

Այս բոլորը, ուղեղալուացումի ճամբով ազգային մարդը, հաւաքականութեան մէջ ինքզինք արժեւորող մարդը, երիտասարդը կը միտին վերածել աշխարհաքաղաքացի անձնակեդրոն մարդու, որ դիւրաւ կարելի կ՛ըլլայ ղեկավարել, ուղղորդել ու զայն հեռացնել համաշխարհայնացումի գաղափարը ստեղծող ուժերուն կողմէ վտանգ նկատուող ոլորտներէն, արժէքներէն եւ սկզբունքներէն:

Հայ երիտասարդութիւնը ենթակայ է այլոց նման, իր ազգային ինքնութիւնը յափշտակող, պահանջատէր հաւաքականութեան պատկանելիութիւնը յօշոտող եւ հայկականէն դուրս այսպէս ասած «համամարդկային արժէքներով» (քողարկուա՛ծ բնականաբար) զբաղելու դիտումնաւոր գործընթացին:

Կը խօսինք երիտասարդութեան մասին իր ընդհանրութեան մէջ` հաւատալով, որ կը մնայ ազդեցութեան չենթարկուող յանձնառու երիտասարդութիւն մը, ուսանող թէ աշխատաւոր, որ տակաւին կը շարունակէ դիմադրել ապազգայնացնող երեւոյթներուն:

Խնդիրը, լուրջ տագնապ ըլլալով հանդերձ, չի ներկայանար պարզապէս ոչ հայկական վարժարան յաճախելու կամ խառն ամուսնութիւններ կնքելու հանգամանքով:

Մտահոգիչ է այս երեւոյթը վստահաբար, ու անհրաժեշտ է հաւաքաբար` եկեղեցի, կազմակերպութիւններ եւ մշակոյթ, արագ ու ախտաճանաչումներէն անդին ծրագրուած ու նպատակասլաց  աշխատանքի լծուիլ անոր առաջքը առնելու համար:

Հիմնականն ու քանդիչը միւսն է` ապազգայնացման հոսանքը, ապահայկականացման հոսանքը, որուն դէմ պատուար կանգնելու պատասխանատուութիւնը մեր պարտաւորութիւնն է:

Երիտասարդութիւնը է եւ պիտի մնայ մեր յոյսն ու ապաւէնը: Կրնանք տարբեր  կարծիքներ ունենալ: Կրնանք վիճիլ: Կրնանք հինի ու նորի խրամատը լայն տեսնել: Կրնանք թերեւս որդիների պայքարը չհանդուրժել հայրերի դէմ:

Բայց չենք կրնար չտեսնել իրականութիւնը:

Չենք կրնար միասնաբար չզգալ ցաւն ու տագնապը:

Չենք կրնար չահազանգել եկող վտանգը, որ նուազ ահարկու չէ, քան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կակուղ, անարիւն, քաղցրահունչ բառերով ու գաղափարներով համեմուած ցեղասպանութիւն է այս մէկը:

Այո՛, մենք պարտաւոր ենք տեսնել իրականութիւնը, ինչքան ալ ցաւցնող ըլլայ ան: Բայց տեսնելէն անդին, պարտինք գիտակցիլ այդ իրականութեան ահաւորութեան:

Ու ճիշդ հոս է, որ կը կայանայ յանձնառու երիտասարդութեան դերակատարութիւնը: Որեւէ հայկական կուսակցութեան, յարանուանութեան կամ միութեան պատկանող հայ երիտասարդութեան առաջնահերթ պարտականութիւնն է պողպատեայ վճռակամութեամբ դէմ կանգնիլ այս յորձանուտին:

Պարտինք մեզի բերել օտարութեան ծովուն մէջ լողացող, բայց անպայման վաղը, օր մը, խեղդամահ ըլլալու դատապարտուած երիտասարդը:

Պարտինք համոզել, մեր ովասիսին բերել այլասերող գաղափարներով հմայուած հայ երիտասարդը եւ խոպանացումէն ձերբազատել զինք:

Պարտի՛նք ցոյց տալ անոնց, որ հայկական արժէքը եթէ գերադաս չէ օտարի արժէքին, գէթ նոյն աստիճանաչափով արժէք է:

Պարտինք ընել այնպէս, որ տարբեր պատճառներով խուսանաւումի մէջ եղող նման երիտասարդներ գիտնան, որ իրենք մոլորեալ աշխարհները չեն մեր ազգին, այլ իրենք մեր մօտ կրնան գտնել լայն թեւեր եւ զիրենք ուրախութեամբ ընդունող միջավայր:

2018-ին, նոր մարտահրաւէր մը եւս ունինք մեր դիմաց:

Երիտասարդութեան հայկական ինքնութեան վերադարձի հրաւէրի մարտահրաւէրն է այդ:

Հայկականացնենք երիտասարդութիւնը:

 

 

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յարգանքի Արժանի` ՀՄԸՄ Պանծալի

$
0
0

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆՏԻՆԵԱՆ

Այս տարուան վերջին օրը մեր թաղն անցուց`
Երգելով, ցատկելով, բարձրաձայն, ցնծագին,
Մայթերու վրայ գինով, յունարէն երգերով,
Պայթուցիկ վառելով գոյնզգոյն բոցերով:
Խանութիս դրացիները պարծանքով խլացուցին
Տհաճ աղմուկով ականջներն անցորդին,
Բարձրախօս, ձայնաւոր շարժական գործիքով`
Մայթին վրայ զետեղուած,անիմաստ երգերով:
Այս թաղին դժոխքէն յանկարծ զիս ազատեցին
Խումբ մը քաջ մոկլիներ,մրջնիկներ,գայլիկներ,
Որոնք լուռ քայլերով մեծ տուփեր շալկեցին,
Ուղղուեցան իրենց վեհ թիրախին մարդկային`
Ուտելիք, ըմպելիք բաժնելով ծարաւին,
Տանը մէջ բանտարկուած անօթի փոքրիկին,
Հայրիկին, մայրիկին, մութին մէջ նստողին:
Շատերուն տարիներն նման են հին ու նոր`
Ցաւերով, դժուարին, օրերով չքաւոր,
Յարգանքի արժանի, ՀՄԸՄ պանծալի,
Փրկեցիր դուն այսօր պատիւը մեր թաղին:

31-12-2017
Լիբանան

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. Հարիւրամեակը` Ինքնավստահութիւնը Վերագտնելու Առիթ

$
0
0

Ժ.Չ.

2018-ի համար նախատեսուած քաղաքական ու տնտեսական ժամադրութիւնները չսկսած` սկսան անակնկալ իրադարձութիւնները: Նախ օդերեւութաբանութիւնը, որ ինքզինք զգացնել տուաւ սառնամանիքով, յատկապէս` Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, որ յաջորդեց Քալիֆորնիոյ շրջանի հսկայական հրդեհներուն: Թրամփի ընտրութեամբ զգալի էր, որ անակնկալները պիտի չպակսէին միջազգային քաղաքական ասպարէզին մէջ: Տարերային ցնցումները եւս ճիշդ քաղաքագէտներ ընտրելու պահանջին դիմաց կը դնէ միջազգային հասարակութիւնը, պետութիւնները: Երեւոյթը նորութիւն չէ, 2017-ին ալ անպակաս չէին բնութեան խանգարումները ու անոնց ցաւալի հետեւանքները:

Ընկերային մարզէն ներս ալ Իրանի ժողովրդային անսպասելի ցոյցերը ազդանշան են շրջանային կայունութեան փխրուն վիճակին: Պետութիւններու վարած սխալ քաղաքականութիւնները ուշ կամ կանուխ ծանր հետեւանքներ կ՛ունենան եւ հակառակորդներուն յարմար առիթներ կ՛ընծայեն վիճակը շահագործելու: Ինչ որ պարագան է Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի, ընդդէմ` Իրանի:

Իրանը Հայաստանի համար դրացի ապահով գործընկեր ըլլալով` Հայաստանի մէջ տիրող յարաբերական կայունութիւնը եւ տնտեսական զարգացումի սկզբնական դրական նշանները կրնան արմատապէս խախտիլ, եթէ Իրանի մէջ կայունութիւնը շուտով չվերահաստատուի:

Այլապէս, Հայաստանի քաղաքական համակարգը այս տարի խորհրդարանական վարչակարգի անցնելու ծրագիրով պիտի ենթարկուի հիմնական փոփոխութիւններու, որոնք իշխող կուսակցութենէն ներս ուժերու վերաբաշխումի առիթ պիտի ստեղծեն: Թէ՛ նախագահը, թէ՛ վարչապետը կատարեցին մեծ դրամագլուխով ներդրումներու մասին կարեւոր յայտարարութիւններ, որոնք հիմնականին մէջ ռուսական աղբիւրներէ պիտի տրամադրուին: Հոն է, որ կարեւորութիւն կը ստանան ռուսական ազդակը եւ Կարէն Կարապետեան խաղաթուղթը:

Եւրոպական Միութեան հետ գործակցութեան համաձայնագիրը եւս կամաց-կամաց կեանքի պիտի կոչուի, սակայն անոր արդիւնքները շատ աւելի երկար ժամանակի վրայ զգալի պիտի դառնան: Ֆրանքեւհայկական  յարաբերութիւնները կարեւոր շեշտադրումներ պիտի ունենան մասնաւորապէս այս տարի: Նախ եւ առաջ Ֆրանսայի մէջ, ուր տարին պիտի սկսի փետրուարի սկիզբը CCAF-ի տարեկան ճաշով, նախագահ Մաքրոնի բարձր հովանաւորութեամբ: Նոր նախագահին հետ յարաբերութիւնները ջերմ են, սակայն որքանով այս ջերմութիւնը շօշափելի արդիւնքի պիտի յանգի, կախեալ է հայ համայնքի ներգործութենէն, անոր հաւաքական ծրագրեր առաջարկելու եւ իրագործելու կարողութենէն: Այս աշնան Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովն ալ Ֆրանսա-Հայաստան յարաբերութիւնները բարելաւելու առիթ պիտի ըլլայ, ուր Ֆրանսահայութիւնը, հոս եւս, իր դերը ունի կատարելիք: Երկլեզուութիւնը դրական երեւոյթ է երկխօսութիւն ու գործակցութիւն զարգացնելու համար: Կարիքը կայ երկկողմանի զարգացման, քանի որ Ֆրանսահայութիւնն ալ նոյնքան պէտք ունի հայախօսութեան զարգացման` Հայաստանի եւ սփիւռքի միւս գաղութներուն հետ իր յարաբերութիւնները զօրացնելու համար:

Հայութիւնը ունի նաեւ շատ կարեւոր ժամադրութիւն մը, որ Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակի նշումն է, Ա. Հանրապետութեան հիմնադրումը: Այս խորհուրդը իրապէս վերընթերցուելու, այժմէականացուելու կարիքն ունի: Վեց դար օտար տիրապետութիւններու ենթակայ ըլլալէ ետք` վերագտնել ինքնիշխանութիւնը, ի՜նչ մեծ բարիք է. ի՜նչ մեծ զոհողութիւններու, տառապանքի արդիւնք եւ ի՛նչ մեծ պատասխանատուութիւն, որ այսօր, 3-րդ հանրապետութեան ձեւակերպումով, դեռ չէ ըմբռնուած տեղւոյն իշխանաւորներուն կողմէ, որոնք հասակ առած ու դաստիարակուած են խորհրդային «հանգիստ ու խաղաղ» պայմաններուն մէջ: Թերեւս պահն է, որ սթափին ու լիովին ստանձնեն իրենց պատմական դերակատարութիւնը` սկսելով ժողովուրդին վստահութիւն ներշնչելէն:

 

Ջերմ Է Ամէն Ինչ

$
0
0

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ջերմութիւն մը տարածուած է շուրջս: Դեկտեմբեր ամսուն այսպիսի ջերմութի՞ւն, ուրկէ՞, դեռ քիչ առաջ վերարկուներով ու կծկուելով կը քալէինք: Ընդամէնը երկու ժամուան օդային ճամբորդութիւն` եւ այսքան ջերմութեան տարբերութի՞ւն: Որքա՜ն զարմանալի է բնութիւնը, Երկիր մոլորակը: Ձիւնածածկ լեռներն ու սառնորակ կլիման կարծես գարնանային կլիման փոխարինեց: Ու այսքան մօ՞տ, մեր քիթին տակն է կարծես գարունը: Ամէն մարդ, սակայն, ձմրան հագուստներով պատսպարուած կը քալէ այս բազմաձայն քաղաքին նեղ փողոցներուն մէջ: Վաճառախանութներու ցուցափեղկերը լի են մուշտակներով ու հաստ, ձմեռնային հագուելիքներով, կ՛երեւի` այս է ժողովուրդին վարժութիւնը, հոս ձմեռը այսպէս է:

Կամուրջի մը վրայէն կ՛անցնինք, որուն տակէն կը հոսի բարակ առու մը, որ գետ էր թերեւս քանի մը օր առաջ, երբ տեղատարափը կը հարուածէր զայն. այնքան դանդաղ կը հոսի հիմա, որ կորաքամակ, անթացուպով հազիւ քալող ծերունիները կը յիշեցնէ. «Գորտերն իսկ գաղթած են այս գետէն», կատակով կ’ըսէ հայ վարորդը:

Ինքնաշարժներուն ճչակները ականջ կը խլացնեն, անկանոն երթեւեկութիւնը ամէնուր է, մարդիկ առանց ուշադրութիւն դարձնելու ազդալոյսի կանաչին` կը քալեն ու կ՛անցնին երկու կողմերէն սուրացող ինքնաշարժներուն ընդմէջէն: Կարելի՞ է այսքան անօրէնութիւն, կը խորհիմ, բայց պահ մը կը յիշեմ մեր հայրենիք փոխադրութեան սկզբնական շրջանը, երբ մենք ալ անվարժ, առանց ուշադրութիւն դարձնելու ազդալոյսերուն կամ անցումներուն` կ՛անցնէինք փողոցին մէկ կողմէն միւսը ու մեր սխալին անդրադառնալէ ետք, «Սուրիացի ըլլալնիս պիտ փաստենք, հա՛», կ’ըսէինք մենք մեզի: Հետզհետէ համակերպեցանք ու ընտելացանք, սիրեցինք ալ օրէնքը, քանի մը անգամ հայաստանցիին խոժոռ նայուածքներուն հարուածները որսալէ ետք: Ա՛յ քեզ փոփոխութիւն, հիմա ես եկեր ու նախկին իմ հարազատ միջավայրս կը դիտեմ քննադատական հայեացքով:

Որքա՜ն խճողուած են այս փողոցները` Պուրճ Համուտը, Արաքսը, Նոր Մարաշը, Տորան…, ե՞րբ այսպէս չեն եղած որ, բայց կարծես տօնական այս օրերուն աւելի է հեւքը, խճողուածութիւնը, քաղաքի մուտքէն արդէն նկատելի է տօնական շունչը, ամէն տեղ ամանորեան զարդեր, լուսաշող տօնածառեր, եղնիկներ, Կաղանդ պապուկներ, մանաւանդ մսուրներու կարելի է հանդիպիլ, նորութիւն ալ չէ այս երկրին մէջ, ուր հաւատքը բոյր առ բոյր կը բարձրանայ: Լեռներու բարձունքէն հսկող Աստուածածնայ արձանին այցելութեան կ՛երթան ոչ միայն քրիստոնեաները արար աշխարհէն, այլ բոլոր կրօններու ենթակայ անհատներ ուխտով կ՛այցելեն, ոտաբոպիկ կը բարձրանան Աստուածամօր քով ու անոնց հաւատքը աղօթք-աղօթք կը ծխայ ու Աստուածածնայ գիրկէն կ՛ուղղուի դէպի երկինք, դէպի իրականացման հարթ ուղի:

Փոքրիկ Հայաստան մըն է այս շրջանը, ուր Հայաստանէն աւելի հայ ես կարծես, ուր խոժոռ դէմքերու չես հանդիպիր, այլ ժպիտներով զարդարուած բարի լոյսը, պոնժուրն ու պոնսուարը ձրիօրէն կը բաժնուին: Հաճելի եռուզեռ մը կայ, խանութները լի են մարդոցմով, մանուկներով, որոնց զուարթ ժպիտներէն կ’երեւի, որ տոպրակներուն պարունակութիւնը իրենց փափաքն է, որ կ՛իրականացնէ, խոստացուած բան մը, որ ահա նիւթեղէն հագուստ կը հագնի: Մերթ ընդ մերթ լսելի կ՛ըլլան արաբերէն շատ հարազատ հնչիւններ, ականջս սրելով մտիկ կ’ընեմ ու անոնց վրայ կը պարպեմ կարծես կարօտ մը կուտակուած:

Ամէն կողմ թարմ փոյնսեթթաներ ցանուած են, կարմիր, ճերմակ, վարդագոյն փունջ-փունջ գունազարդած են անոնք քաղաքին հրապարակները, վաճառատուները, խանութները, տուները` տօնածառերուն կողքին դրուած, պզտիկ թուփերն ալ ապահովուած են Ս. Ծնունդին ու Կաղանդին սեղանները զարդարելու: Իրօք, աշուն չունի կարծես այս քաղաքը, ամէն կողմ կանաչ է, ծաղկազարդ, նոյնիսկ վարդի թուփերուն վրայ գունեղ կոկոններ պայթած են, մինչ ծովը կը հսկէ զայն ու մանր ալիքներովը թեթեւ խոնաւութիւն մը կը տարածէ անոր վրայ:

25 դեկտեմբերի գիշերը քաղաքը կը պարէր կարծես, կէս գիշերուան 12-ին ղօղանջները հնչեցին կաթողիկէ եկեղեցիներուն` տարածելով աւետիսը Քրիստոսի ծնունդին ու հաւատացեալ այս քաղաքին մէջ կաթիլ մը հաւատք աւելի հոսեցաւ կարծես ժողովուրդին երկիւղածութեան բաժակներուն մէջ: Ի՞նչ փոյթ, թէ որու ծնունդն է` առաքելակա՞ն եղած է, թէ՞ կաթողիկէ, էականը հաւատքն է:

Ջերմ է ամէն ինչ, ոչ միայն քաղաքը, ժողովուրդը, այլ հարազատներու ու բարեկամներու ջերմութիւնն է, որ կը թափառի շուրջս ու տաքուկ գիրկերով կաթիլ առ կաթիլ կը յագեցնէ տարիներու կարօտը: Է՛, ի՞նչ կ՛արժէ Կաղանդի գիշերը, եթէ խճողուած չըլլայ, եթէ ամէն գլխէ ձայն մը չելլէ, եթէ մէկը չդժգոհի ու մէկը չգոհանայ, եթէ բազմաձայն աղօթքը չբարձրանայ առ Աստուած, եթէ սովորութիւն դարձած ճաշատեսակները չզարդարեն տօնական սեղանը ու նորերը չգան տեղ մը փնտռելու այդ սովորութեան հոյլին մէջ, եթէ մերթ արցունքով, մերթ ժպիտով չյիշուին գոյ ու անգոյ բացակաները, ու հեռաձայնները լռեն, եթէ սէրը չյորդի ու չտարածուի այդ ամէն ինչին վրայ ու համն ու հոտը չբազմապատկէ սեղաններուն, եթէ, եթէ…

 

 


Ծննդեան Տօներու Առիթով Իմաստալից Նուէր Մը

$
0
0

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

«I՛ve learned that people will forget what you said, people will forget what you did, but people will never forget how you made them feel.»Maya Angelou

Ամերիկացի բանաստեղծ Մայա Անճելուն ըսած է տեղ մը, որ` «Մարդիկ կրնան մոռնալ, թէ ի՛նչ ըսած ես կամ` ըրած, բայց մարդիկ բնաւ չեն կրնան մոռնալ, թէ ինչպիսի զգացումներ արթնցուցած ես անոնց մէջ»:

Մեր յաճախակի ճամբորդութիւնները մեր զաւակներուն համար անցնող քսան եւ աւելի տարիներու ընթացքին աւելի եւս կ՛իմաստաւորուին, երբ ճամբու ընթացքին թոռնիկներուն մասին կը մտածենք, եւ ճամբան դադարի մը համար հանգստավայր մը կենանք եւ անպայման բան մը գնենք այս կամ այն թոռնիկին համար: Իւրաքանչիւրը  նախասիրութիւն մը ունի: Բնականաբար անպայման խմորեղէնի տեսակ մը պիտի ներառուի: Մին կասիա-կարագով «Սինըպան»-ը կը սիրէ, իսկ միւս թոռնիկներս անպայման «Տանքին տոնաց» կ՛ուզեն:

Քանի մը օր առաջ, տօնական օրերու առիթով մեր սովորական ճամբորդութիւններէն մին էր: Քանի մը հանգստավայր փախցնելէ ետք շունչ առինք «Տանքին»-ի հիւրընկալ շրջափակին մէջ: Ինքնաշարժէն դուրս ելլելով դեկտեմբերեան չոր ու ցուրտ օդը մեր թոքերէն ներս ղրկելով, քանի մը անգամ ալ մեր թեւերն եւ ոտքերը շարժելով` հինցած, ճռճռացող յօդերը իւղոտել փորձեցինք: Վաճառատան ապակեայ հսկայ փեղկերը Կաղանդ պապուկի, ձիւնամարդերու գծանկարներով եւ լոյսերով տօնական տրամադրութիւնները աւելի եւս կը շեշտէին: Գծանկարներուն ընդմէջէն կ՛երեւէր, որ ներսը շարք պահած էին: Վերջապէս, տօնական օրեր էին, եւ մարդիկ կը փութային տեղէ տեղ երթալ, անշուշտ` ոչ «պարապ ձեռքով»:  Մենք ալ օդին մէջ տարածուող սուրճի հաճոյալի բուրմունքը ներշնչելով` ներս մտանք:

Աճապարանք մը կար բոլորին ալ կեցուածքին մէջ: Երկու վաճառորդուհի բաւական արագ էին` անհամբեր յաճախորդները գոհացնելու:

Ես եւ ամուսինս հանգիստ, մէկ կողմ քաշուած` կը դիտէինք մէկ առ մէկ ապսպրանքը շալկելով դէպի իրենց ինքնաշարժները փութացող յաճախորդները:

Վերջապէս կարգը իմս էր: Թելադրեցի` ինչ որ կ՛ուզէի գնել: Էն առաջ անուշտ ուզեցի սուրճս` քիչ կաթով առանց շաքարի համեղ սուրճը «Տանքին»-ին, որ որեւէ այլ անունով սուրճերուն հետ պիտի չուզէի փոխել: Քիմքս այս մէկէն կ՛ախորժի: Կարծէք` իւրաքանչիւր սուրճի խանութ իրեն յատուկ յաճախորդութիւն ունի: Այս կամ այն ընկերային դասու մը կը պատկանին, կ՛ուզեն անպայման ցուցադրել կամ` տեսնուիլ, թէ իրենք ա՛յդ տեսակի սուրճ խմողներ են` ցուցադրաբար գաւաթին վրայի անունը տեսանելի ձեւով բռնելով:

Դէ՛, լաւ, ես ալ իմս կը վայելեմ, եթէ ոչ ցուցադրաբար, այլ` ակնյայտ հաճոյքով:

Ես սուրճս առած, ումպ առ ուպ ըմբոշխնելով` մէկ կողմ քաշուեցայ, որպէսզի միւս վաճառորդուհին նոր մտնող յաճախորդին սպասարկէ: Մեզի սպասարկողը մէկ առ մէկ տեսակաւոր եւ Ծննդեան տօներու յատուկ զարդարանքով «տոնաթները» կը լեցնէր տուփերը: Փակելէ ետք երկու տուփերն ալ, հարցուց, թէ կ՛ուզէի՞նք, որ պայուսակի մէջ դրուէին: Կատակասէր ամուսինս պատասխանեց.

– Եթէ ձրի է, ինչո՞ւ ոչ, բոլորս միասին խնդացինք:

– Անշուշտ ձրի է,- ըսաւ վաճառորդուհին, մինչ ես սուրճս ումպ առ ումպ կը վայելէի….

– Տօնական օրեր են, քիչ մը խնդանք, աւելցուց ամուսինս եւ գրպանէն հանեց դրամը, որ վճարէ: Մինչ այդ վաճառորդուհին ըսաւ, որ պէտք չունիս վճարելու, արդէն վճարուած է…. եւ աչքով նշան ըրաւ, որ միւս յաճախորդն էր մեզի համար վճարողը։

Այդ ընթացքին տեղեակ չէինք, ո՞վ կը մտնէր, կ՛ելլէր, ո՞վ էր մեր քովի յաճախորդը, յանկարծ երկուքս մէկ քովի յաճախորդին կողմը դարձանք զարմացական …խոշոր «ինչպէ՞ս թէ» մը մեր դէմքին:

Տեսանք, որ արդէն իր քրետիթ քարտը վճարում ընդունող մեքենային մէջ դրուած եւ ստացագիրն ալ տպուած դուրս ելած էր: Այնքան արագ շարժած էր այս երիտասարդուհին, որ չէինք հասցուցած տեսնել, թէ ի՛նչ կը կատարուէր այդ պահուն. .

– Merry Christmas- Մերի Քրիսթմըս, ըսաւ անգլերէնով

– Բայց ինչո՞ւ, սիրելի՛ս,- երկուքս միաբերան հարցուցինք:

– Այդպէս փափաքեցայ, տօնական օրեր են, բարով վայելէք դուք ալ, ձեր թոռնիկներն ալ, եղաւ պատասխանը:

Տակաւին արմանք-զարմանք հագած մեր հարցական դէմքերով սա երիտասարդ աղջկան կը նայինք` պատասխանի մը սպասելով:

Բայց ի՜նչ պատասխան.

– It՛s Christmas I just wanted to treat you!, Ծննդեան տօներու առիթով այդպէս փափաքեցայ,- եւ աւելցուց,- այսօր վերջին օրս էր գործիս, վճարուեցայ . . . դուք հանդիպեցաք….

– Գոնէ անունդ ըսէ, որ շնորհակալութիւն յայտնենք քեզի-, ըսի քիչ մը սթափած`  անակնկալին պատճառած շփոթ վիճակէս

– Լիսա… միայն Լիսա – ըսաւ ու իր ապսպրանքը շալկած` կը պատրաստուէր դուրս ելլել մեզմէ առաջ, երբ շուտասելուկի պէս ըսի.

– Լիսա՛, նախ շնորհակալ ենք, գիտնաս, որ գրեթէ քառասուն տարիէ այս կողմերը կ՛ապրինք, կ՛երթանք եւ կու գանք, առաջին անգամն է, որ նման ազնիւ արարքի կը հանդիպինք: Ի՛նչ պատճառով ալ որ այսօր վերջին օրդ է գործիդ մէջ, կը մաղթենք, որ նոր ճանապարհ բացուի քեզի համար, աւելի լաւը եւ քու այս ազնիւ սրտիդ համեմատ…

Լիսան երկար եւ շեշտակի նայեցաւ մեզի ու կրկին մեր մաղթանքին առ ի պատասխան, միմիայն «շնորհակալ եմ» ըսելով` դուրս վազեց դէպի իր ինքնաշարժը:

Տօնական օրերու առիթով չսպասուած նուէր մըն էր` բոլորովին օտարականէ մը: Մէկ պահ միայն, մէկ ազնիւ արարք` ակնթարթի մը մէջ մեզ հիանալի տրամադրութեան մէջ փոխադրեց:

Ո՜վ կ՛ըսէ, որ աշխարհ անտարբեր, անգութ, անշնորհակալ ու չարակամ մարդոցմով լեցուած է:

Միմիայն մէ՛կ ազնիւ արարք, առանց անմիջական ակնկալութեան կատարուած մէկ գեղեցիկ ժեսթ, մեզի տրուած նուէր-բարիքը մեզ ինչպէ՛ս լաւատեսութիւն ներշնչեց: Ինչ որ ալ էր դրդապատճառը այս բարի անծանօթուհիին, կը յուսանք, որ մեր կատարած մաղթանքը իր հասցէին կը հասնի գործնականի:

Ծննդեան տօներու առիթով մեզի տրուած տասներկու տոնաթ-նուէրը, իր տուփով պայուսակովը բռնած, գոհունակ վերադարձանք մեր ինքնաշարժը` մեր թոռնիկներուն այս քաղցրեղէնին հետ փոխանցելու մեր վերանորոգուած լաւատեսութիւնը.

– Այո՛, աշխարհի մէջ տակաւին կա՛ն լաւ մարդիկ:

 

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Դեկտեմբեր Դ. –Դուրս Գալով Պատերազմի Ճանկերէն

$
0
0

«Գանձասար»-ի փակուող տարին յատկանշուեցաւ պատերազմական պայմաններու աստիճանական վերացումով եւ համայնքի վերականգնումին հետ քայլ պահելու աշխատանքային կշռոյթով:

Հրթիռակոծումներու դադրեցումէն ետք վերանորոգուեցաւ «Գանձասար»-ի խմբագրատունը: Երեք տարի խմբագրատունէն դուրս գործելէ ետք, 2018-ին «Գանձասար»-ի աշխատակազմը վերջապէս իր հարազատ խմբագրատունը պիտի վերադառնայ` բնականաբար աւելի խաղաղ պայմաններու եւ լայն տարածքի մէջ շարունակելու իր աշխատանքը:

2017-ին «Գանձասար» իրականացուց նախորդ տարուան աւարտին իր ծրագրած կարգ մը աշխատանքները:

Թերթը իր թղթակցային կէտերը ունեցաւ Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ: Գամիշլիի, Քեսապի, Լաթաքիոյ, Դամասկոսի մեր թղթակիցները սկսան կանոնաւոր ձեւով աշխատակցիլ «Գանձասար»-ին: Պատերազմի տարիներուն Սուրիոյ նահանգներուն միջեւ երթեւեկութեան դժուարութեան պատճառով տպագիր թերթը եօթը տարի շարունակ կարելի չեղաւ Հալէպէն դուրս` Սուրիոյ այլ քաղաքներ հասցնել: Դեկտեմբեր 2017-էն սկսեալ «Գանձասար», հակառակ առկայ կարգ մը դժուարութիւններուն, շաբաթական հերթականութեամբ, կանոնաւորապէս սկսաւ հասնիլ Սուրիոյ բոլոր քաղաքներու մեր ընթերցողներուն, ինչ որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց եւ մեր կապը ամրապնդող օղակ հանդիսացաւ:

5 տարուան ընդմիջումէն ետք, այս տարեվերջին կրկին լոյս պիտի տեսնէ «Գանձասար»-ի տարեկան բացառիկ հատորը, ինչպէս նաեւ` «Կկու» մանկապատանեկան գունազարդ գրքոյկը: Այս հրատարակութիւնները հասանելի պիտի դառնան Սուրիոյ բոլոր քաղաքներու մեր մեծ ու փոքր ընթերցողներուն:

Թէեւ 2017-ին կարելի չեղաւ շարունակել «Գանձասար»-ի աշխատակիցներու հերթական հանդիպումները, այնուհետեւ տարուան երկրորդ կիսուն յառաջացաւ «Գանձասար»-ի բարեկամներ» երիտասարդ գրողներու խմբակը: Այս խմբակի հանդիպումներուն օրակարգը կ՛ընդգրկէր լրագրական գիտելիքներու փոխանցում, մամուլի դերին, անոր պատմութեան ու ներկայ իրավիճակին շուրջ զրոյցներ, վաստակաշատ գրողներու հետ հանդիպումներ, ընթերցումներ եւ այլն: Անհրաժեշտ է հետագային ընդլայնել այս խմբակը եւ աւելի մեծ թիւով երիտասարդ գրողներ համախմբել թերթին շուրջ:

Տարուան ընթացքին այլ նորութիւն մըն էր նաեւ զրոյցի մը արդիւնք ծնունդ առած սուրիահայերու կամրջումին գաղափարը: Սուրիա ապրող եւ պատերազմի պատճառով երկրէն մեկնած սուրիահայերուն բեմը դառնալու թերթիս առաջարկը դրական արձագանգ գտաւ բոլորին կողմէ անխտիր: Այսուհանդերձ, այս հարթակը մտաւորականներու, լրագրողներու, հրապարակագիրներու շինիչ քննարկումներու, զրոյցի մշտական վայրը դարձնելու համար յաւելեալ ճիգ պէտք է թափուի մեր կողմէ:

Յաւելեալ բծախնդրութիւն պէտք է ցուցաբերել թերթի որակին, նիւթերու բազմազանութեան, լեզուի բծախնդիր գործածութեան, «Գանձասար»-ի կայքէջի մշտական թարմացման ու արդիականացման եւ, վերջապէս, նոր գրիչներու, նոր աշխատակիցներու պատրաստութեան աշխատանքին:

Էականը մամուլի դերակատարութեան հանդէպ հաւատք ունենալն է, յատկապէս` տեղեկատուական ներկայ բաց համակարգին լոյսին տակ, երբ թերթով հազարաւոր լսարաններու հասնող խօսքը շատ աւելի ազդեցիկ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ ու կարծիք ձեւաւորել` երկվայրկեանի մը մէջ կտրելով  ցամաքամասերն ու ովկիանոսները:

Նոր տարուան սեմին շնորհակալութեան յատուկ խօսք ունինք Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, հայրենի թէ սփիւռքահայ լրատուամիջոցներուն, մեր աշխատակիցներուն, յօդուածագիրներուն ու բոլոր այն մտաւորականներուն եւ հրապարակագիրներուն, բարերարներուն, որոնք գործակցեցան, մերթ ընդ մերթ նեցուկ կանգնեցան, յուսադրեցին  ու մղեցին, որ շարունակենք ու բարելաւենք մեր ընթացքը:

Նոր տարին կը դիմաւորենք վերականգնումի յոյսով, նոր նուաճումներու ձգտումով:

Շնորհաւոր Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ:

Ընկեր Չեմպըրլէյնի Յիշատակին (Միսակ Պզտիկեան, Մահուան 20-ամեակ)

$
0
0

ՍԻԼՎԱ  ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Յետեղեռնեան հայոց պատմութեան մէջ աշխարհասփիւռ, բայց յատկապէս լիբանանահայ գաղութը իր առանցքային վարկն ու դերը ունի վերակազմակերպման ու հայապահպանման գոյութենական պայքարին մէջ: Փաստօրէն, անհերքելի իրողութիւն է, որ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու 1921-22 Կիլիկիոյ պարպումին եւ աւելի ուշ`1939-ին Ալեքսանտրեթի սանճաքի «յանձնումին» պատճառով  Լիբանան ապաստանած հայերու ճիգերով է, որ հետզհետէ «սփիւռքահայութեան սիրտը» նկատուեցաւ այս փոքրիկ գաղութը` իր կազմակերպչական թէ ազգային պահանջատիրութեան վարակիչ քայլերով:

Հետզհետէ ուռճացող լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման մէջ իրենց դերն ու ներդրումը ունեցած են դաշնակցական ականաւոր ղեկավարներ` Նիկոլ Աղբալեանէն մինչեւ Սիմոն Վրացեան ու զօրավար Դրօ եւ շատ ուրիշներ: Սակայն գաղութի կազմաւորման ու կազմակերպչական ճիգերը չէին կրնար արդիւնաւորուիլ առանց այդ ղեկավարներու շունչով տոգորուած ու անոնց օրինակին հետեւած (ու հետեւող) իրերայաջորդ սերունդներու տքնաջան ճիգերուն: Յատկապէս 1975-1990 տարիներուն Լիբանանը հարուածած պատերազմի ընթացքին գարնանային ծաղիկներու նման բացուեցան Հ.Յ. Դաշնակցութեան ղեկավարներու «ցանած սերմերը»` յանձինս Խաչիկ Արապեաններու, Քապոյ Անդրանիկներու (Անդրանիկ Պաղտասարեան) Սարգիս Ազնաւորեաններու, Աբօ Աշճեաններու եւ անոնց նման շատ ուրիշներու: 1918-ի Մայիսեան անկախութեան ներքին գործոց նախարար եւ Վանի ինքնապաշտպանութեան ղեկավար հերոս Արամ Մանուկեանի կուռ վճռակամութեամբ տպաւորուած այդ յանձնառու պատասխանատուներու կողքին, կային նաեւ բազմաթիւ խոնարհ հերոսներ, որոնք իրենց բացարձակ կարգապահութեամբ անքուն գիշերներ հսկեցին պաշտպանելու եւ պահպանելու համար Լիբանանի, յատկապէս Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղերու անդորրութիւնը: Լիբանանեան պատերազմի ընթացքին հայութեան, Պուրճ Համուտի՛ հայութեան պարտադրուած անապահով պայմաններուն մէջ անոնք սեւ օրերու արեամբ իրագործեցին հայութեան իւրայատուկ դիմագիծի եւ ինքնութեան պահպանման, հայապահպանմա՛ն սրբազան առաքելութիւնը:

Այս փաղանգի խոնարհ հերոսներէն էր ընկեր Միսաք Պզտիկեանը, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Արթիւր Նեւիյ Չեմպըրլէյնին (1869-1940) իր ֆիզիքական նմանութեամբ ճանչցուած է իբրեւ «ընկեր Չեմպըրլէյն»:

24 փետրուար 1920-ին Կիլիկիոյ կաթողիկոսանիստ Սիս քաղաքին մէջ ծնած այս հայորդին Կիլիկիոյ պարպումի ընթացքին ծնողքին հետ փոխադրուած է Պէյլան, ապա` Գրըգ Խան, որմէ ետք` Պաղջուր (Սովուգ Սու): Մեծամասնութեամբ չորքմարզպանցի հայ ընտանիքներէ բնակուած այս փոքր գիւղին մէջ զէյթունցի միակ ընտանիքն էր Պզտիկեաններուն ընտանիքը: Ալեքսանտրեթի սանճաքին` ֆրանսացիներու կողմէ թուրքերուն յանձնումին պատճառով 1939-ի ամրան ընտանեօք կը հաստատուի Լիբանան:

Խորապէս ներշնչուած դաշնակցական ղեկավարներու ցուցաբերած ազգաշունչ ոգիէն` երիտասարդ Միսաք իր դաշնակցականի երդումը կու տայ 1941-ին: 1946-47 տարիներու ներգաղթի շրջանին եւ ապա 1958-ի դէպքերու ընթացքին իր  ցուցաբերած ծայրայեղ ազգասիրութեան  ու  դաշնակցականի մաքրամաքուր նախանձախնդրութեան պատճառով բազմիցս կը բանտարկուի եւ կը ստանայ դաշնակցական պատասխանատու ղեկավարներու դիտողութիւնն ու թելադրանքը` «խելօք կենալու»…

Ընկեր Միսակ Պզտիկեան 1949-ին սկսած է պաշտօնավարել Պէյրութի Ժտէյտէի քաղաքապետութեան մէջ` որպէս գիշերային պահակ: Երեք տարի ետք կը փոխադրուի Պուրճ Համուտի նորակազմ քաղաքապետութիւն եւ քանի մը տարի ետք կը դառնայ այս քաղաքապետութեան գիշերապահներու ընդհանուր պատասխանատուն:

Նմանապէս, 1957-էն սկսեալ կուսակցական  պատասխանատու պաշտօններ կը վարէ  նախ ՀՅԴ Սիսի «Իշխան» կոմիտէութեան եւ ապա Թրատի «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութեան շրջաններուն մէջ: «Շատ ուրախ եւ հպարտ եմ, որ մաս կազմած եմ այս կազմակերպութեան` ծառայելու համար հայ ժողովուրդի ազատագրութեան եւ ազատութեան դատին», գրած է ան իր 1 յունուար 1980 թուակիր ամփոփ յուշագրութեան մէջ` շնորհաւորելով բոլորին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը:

Հեռու շեփորահարումէ `լուռ ու խիստ զօրավար Դրոյի (Դրաստամատ Կանայեան) շունչով տոգորուած ու անոր հայակերտ ոգիի պահպանման նախանձախնդիր, ընկեր Չեմպըրլէյն իր «ես»-ը նուիրաբերած է ի խնդիր հայութեան, յատկապէս Պուրճ Համուտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման»- ակումբի  հայ հաւաքականութեան պաշտպանութեան, բարօրութեան ու կայունութեան:

Ո՛չ տիտղոսի, ո՛չ ալ պաշտօնի ակնկալութեամբ գործած այս համեստ հայորդին իր սրտի գոհունակութիւնը ստացած է իր թոռնիկը Դրօ անուանակոչելով, երբ իր զաւակը` Սագոն, որոշած է Միսակ անուանել իր նորածին մանչը, սակայն փոխած եւ Դրօ կոչած է անսալով իր հօր` ընկեր Միսաքի փափաքին:

Մահագրութենէ անդին այս գրութիւնը իրերայաջորդ հայ սերունդներու կողմէ յարգանքի «ճիտին պարտք է» բոլոր այն խոնարհ հերոսներուն, որոնց ամրակուռ նկարագրին եւ անձնուրաց զոհաբերութեան շնորհիւ ուռճացած է եւ կը շարունակէ գոյատեւել եւ ուռճանալ ու ծաղկիլ Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծն ու պահանջատէր խոյանքը` հակառակ զայն թիրախ դարձուցած ակնյայտ թէ անուղղակի հարուածներուն:

Թող այս տողերը փունջ մը ծաղիկ ըլլան Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի մէկ գերեզմանատան մէջ հանգչող ընկեր Միսաք Պզտիկեանի յիշատակին:

Ամէն տարի, 4 յունուարին յաջորդող կիրակնօրեայ հոգեհանգստեան արարողութեան, իր սեղմ ընտանիքի կողքին, Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը եւս պարտի յարգանքի մոմ մը վառել այս ազնիւ հայորդիի շիրիմին` հայատրոփ ոգիով բոցավառելու համար օտար հորիզոններու տակ հասակ նետող նորահաս սերունդները:

 

 

Շնորհքի Եւ Ճշմարտութեան Հրաւէր

$
0
0

«Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, (եւ անոր փառքը տեսանք` Հօրմէն միածինի փառքին պէս) շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն:

Յովհ. 1.14

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը աւետումն է շնորհքի եւ ճշմարտութեան մեր մէջ բնակելուն. ուրեմն Սուրբ Ծնունդը տօնելուն մէջ գիտակից կերպով պէտք է նայինք մեր կեանքին, այդ կեանքի որակին եւ բարոյական մակարդակին, քանի որ Յիսուս Մանուկին անձին մէջ` Աստուած մեզի հետ է, Էմմանուէլ:

Յիսուսի մասին Յովհաննէսի վկայութեան մէկ մասը սա է, թէ` «օրէնքը Մովսէսի ձեռքով տրուեցաւ, բայց շնորհքը եւ ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով եղան» (Յովհ. 1. 17): Եւ ահա ամէն տարի կը տօնենք այդ շնորհքին եւ ճշմարտութեան առկայութիւնը մեր կեանքին մէջ` յուսալով, որ տօնին հետ կը նորոգուի մեր հաղորդութիւնը Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետ: Երանելի պիտի ըլլայինք` եթէ մեր կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ, ամէն օր գիտակից մնայինք, որ Անոր շնորհքովն ենք ինչ որ ենք, եւ` Անոր ճշմարտութեամբ կը հաստատուի մեր կեանքին ազատութեան եւ ազնուութեան որակը:

Այս մեր օրերուն, մեր ապրած աշխարհին մէջ մարդիկ իրենք զիրենք կը զրկեն շնորհքէն եւ կը հեռանան ճշմարտութենէն: Կը փորձեն ամէն բան հիմնել շահերու եւ շինծու տպաւորութիւններու վրայ: Կը փորձեն շահիլ` իրենց նմանները կեղեքելու գնով. շահիլ հարստութիւն, փառք, անուն, հեղինակութիւն, իշխանութիւն, կամ` հանգիստ, խաղաղութիւն, բարօրութիւն, երջանկութիւն եւ ապահովութիւն… Առաջին յիշուածները կ՛ուզեն ձեռք ձգել երկրորդ յիշուածները իրականացնելու փորձով, սակայն` միայն իրենց անձերուն եւ իրենց անմիջական շրջապատին համար: Եւ այս նպատակով ալ կը խեղաթիւրեն ճշմարտութիւնը, կը փորձեն շինել «իրենց ճշմարտութիւնը»` ստեղծելու համար տպաւորութիւններ իրենց շուրջ, որոնցմով կը ջանան խաբել շրջանակը եւ հանրութիւնը, ի նպաստ իրենց շահուն: Այս նպատակին մէջ կը տեսնենք, թէ տպաւորութիւններ եւ շահեր իրականացնել փորձողները կը հալածեն ճշմարտութիւն խօսողը, կը հետապնդեն ու կը բանտարկեն սուտեր յայտնաբերողը եւ իրաւազրկումներու կեղեքումներ յանդիմանողը: Դատական կամ քաղաքական, ոստիկանական կամ խուլիկանական միջոցներ եւս կ՛օգտագործեն անոնք` «պաշտպանելու» համար իրենց շահերը, հոգ չէ, թէ ոտնակոխ ըլլայ ճշմարիտը, եւ մարդկային կեանքը վերածուի անշնորհք ընթացքի: Այս է մեր կեանքը իր իրականութիւններով եւ իր որակով այսօր:

Այս ինկած մակարդակը նորութիւն չէ մարդկային կեանքին ու պատմութեան մէջ: Նոյնն էր մեր օրերէն երկու հազար տարի առաջ ապրող մարդկութեան մէջ: Ահա թէ ինչու Աստուած ղրկեց Իր միածին Որդին շնորհք եւ ճշմարտութիւն բերելու, եւ մենք մինչեւ այսօր կը տօնենք շնորհքի եւ ճշմարտութեան ծնունդը մեր մէջ: Տէր Յիսուս Քրիստոս մարդկային մեր կեանքին ինկած որակին ծնունդը չէ. այլ` «վերէն» եկաւ աշխարհ: Ան մեր տեսակի մեղաւոր մարդուն զարգացուցած լաւագոյն արդիւնքը չէ. այլ աստուածային միջամտութիւն` մեր ինկած վիճակէն մեզ ազատելու Իր շնորհքով եւ Իր ճշմարտութեամբ: Ան մարդկային պատմութեան դէպքերէն մէկը չէ. այլ` այդ պատմութիւնը ճեղքող աստուածայայտնութիւն, Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալուն` Էմմանուէլին իրականութիւնը:

Եթէ եւ երբ զԻնք ընդունինք` այն ատեն պիտի ճանչնանք  ճշմարտութեան մեզի բերած ազատութիւնը եւ Անոր շնորհքին մեզի տուած փառքը: Կ՛աղօթենք եւ կը մաղթենք, որ մենք ազգովին զգաստ ըլլանք մեր բոլոր տօներուն մէջ, եւ այս տարին ըլլայ Աստուծոյ շնորհքին գիտակցութեան եւ լեցունութեան ժամանակը մեզի համար:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ
ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

Յունուար 2018

Ս. Ծնունդը Մեզի Կը Պարգեւէ Դէպի Աստուած Բարձրանալու Եզակի Շնորհքը

$
0
0

«Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի‚ եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ‚ որ կը նշանակէ` Աստուած մեզի հետ»:

Մատթէոս 1:23

 

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան բարեբաստիկ տօնին առիթով, սրտագինս կ՛ողջունեմ լիբանանահայ մեր ժողովուրդի հաւատացեալ զաւակները` մաղթելով, որ երկինքէն երկիր եկող մեր Աստուածը, մեզ առաջնորդէ դէպի սրբութեան կեանք ու նոր մղում պարգեւէ մեր աշխատանքներուն:

Այսօր, Սուրբ Ծննդեան աւետիսը դարձեալ կ՛արձագանգէ մեր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի զաւակները յիշեն եւ զգան, որ մեր բերկրանքին համար, Աստուած երկինքէն երկիր կու գայ: Արդարեւ, Մատթէոսի Աւետարանին մէջ տեղ գտած մարգարէին աւետաբեր քանի մը խօսքերը, բոլորիս կը յուշեն, որ ահաւասիկ, մեզի հանդիպելու ու մեր մէջ ապրելու վճռակամութեամբ, Աստուած մեզի կու գայ: Այսօր, մեր Փրկիչը մեզ կը փնտռէ ու աշխարհ կու գայ, որպէսզի մեր մէջ բնակի:

Այս է Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդին մասին Աւետարանով մեզի փոխանցուող յստակ պատգամը. եւ այս պատգամն է, որ այսօր մեզ կը հրաւիրէ մեր եկեղեցիներուն մէջ ու մեր կեանքին մէջ դիմաւորելու մեր Փրկիչը:

Սակայն, ի՞նչ տեսակ հոգիով մենք կ՛ընկալենք աւետարանական այդ պատգամը եւ մանաւանդ ի՞նչ տեսակ զգացումներով մեր կեանքին մէջ կը դիմաւորենք մեզի համար աշխարհ եկող մարդացեալ Փրկիչը:

Վստահաբար, աշխարհի տեսակաւոր երեւոյթներուն ու կացութիւններուն մէջ, շատեր արդէն իսկ կորսնցուցած են Աստուծոյ հետ մտերմութեան զգացումը: Ուրիշներ, մեզ շրջապատող տօնական մթնոլորտի պայմաններուն մէջ, ի զուր կը փորձեն զԱստուած փնտռել: Իսկ մենք, որ զինք կը դաւանինք իբրեւ մեր Աստուածն ու Տէրը, ի՞նչ տեսակ հոգիով կը դիմաւորենք մեզի եկող մեր Փրկիչը, որ ահաւասիկ իր ծնունդով ո՛չ միայն մեր սրտերուն կը բերէ տօնական խնդութիւն, այլեւ` մեզի կը պարգեւէ դէպի Աստուած բարձրանալու եւ կատարելութեան հասնելու եզակի շնորհք:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Աստուածայայտնութեան տօնը, գերբնական պատահարի մը յիշատակութիւնը ըլլալէ աւելի,  մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ շօշափելի յայտնութիւնն է: Աստուած մարդկային կերպարանք կը ստանայ եւ աշխարհ կու գայ, որպէսզի դէպի աստուածութիւն երթալու ճամբան ցոյց տայ մարդուն: Աստուած երկինքէն երկիր կ՛իջնէ, որպէսզի առաքեալներուն հետ իր ապրած օրերու օրինակով, նաեւ մեր առօրեային մէջ այսուհետեւ ներկայ ըլլայ մեզի հետ, որպէսզի մենք ալ յաւիտեանս ապրինք իրեն հետ: Այսօր, մեր եկեղեցիներու խորաններէն արձագանգող Սուրբ Ծննդեան աւետիսը մեզ կը հրաւիրէ զգալու, որ մեր բերկրանքին համար, Աստուած երկինքէն մեզի կու գայ:

Հաստատ հաւատքով եւ հոգեկան սփոփանքի զգացումով ընկալենք Ս. Ծննդեան աւետիսը, որպէսզի մեր կեանքին մէջ յայտնուող Աստուածը, նաեւ մեզի շնորհէ աշխարհին մէջ մեր ապրած դառնութիւնները, փորձութիւններն ու անկումի զգացումները յաղթահարելու կարողութիւն: Եւ ուշադիր ըլլանք, որպէսզի աշխարհի երեւոյթներով խճողուած մեր առօրեային մէջ, մենք չկորսնցնենք մեզի եկող մեր Փրկիչին ներկայութիւնը զգալու մեր հաւատքը:

Կ՛ապրինք նոր տարուան մը տօնական մթնոլորտին մէջ եւ անկասկած, բոլորս ալ կ՛ուզենք մեր կեանքին մէջ փոխուած ու նորոգուած տեսնել շատ բան ու մանաւանդ մեր շուրջ աւելի քաղցրացած տեսնել կեանքն ու աշխարհը եւ մեր առօրեային մէջ շօշափելիօրէն նաեւ զգալ Աստուծոյ սիրոյն ջերմութիւնն ու սփոփանը:

Սակայն, ո՛չ տարեթիւերու փոփոխութիւնները եւ ո՛չ ալ աշխարհիկ հանդիսութիւններն ու կերուխումները նորութիւն կրնան բերել կամ դարձակէտ հաստատել մեր կեանքին մէջ: Գէթ մենք պէտք է անդրադառնանք, որ նորոգուելու շունչը Սուրբ Ծնունդով կը ճառագայթէ աշխարհին մէջ եւ եկեղեցւոյ միջոցով կը տարածուի ու կը հաստատուի մարդոց սրտերուն մէջ:

Հետեւաբար, ուշադիր ըլլանք եւ զգուշութեամբ ալ վարուինք մեր կեանքին հետ: Գէթ Ս. Ծննդեան օրը յատկացնենք Աստուածայայտնութեան սրբազան արարքը ըմբռնելու եւ ապրելու նպատակին, որպէսզի կարենանք զգալ, որ իրօք, մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան, Աստուած մեզի հետ է ու մեր կողքին` նոյնիսկ մեր փորձութիւններուն եւ անկումներուն մէջ:

Անկասկածօրէն, համաշխարհային բարքերու ներկայ մթնոլորտին մէջ աւելի մեծ ճիգով պէտք է փորձենք պաշտպանել մեր հաւատքը եւ պահպանել նաեւ դարերու մաքառումով կերտուած մեր ազգային-բարոյական ըմբռնումները, որպէսզի մեր ժողովուրդն ալ չհեռանայ իր հաւատքէն ու չպարպուի ինքնութենէն: Զգուշ պէտք է ըլլանք եւ հաւաքաբար ալ մեծ զգուշութեամբ վարուինք մեր ազգային նուիրական աւանդներուն հետ, որպէսզի չխաթարուի հայ ընտանիքին նկարագիրը եւ չվտանգուի հայութեան կեանքը: Զգուշ պէտք է ըլլանք մանաւանդ մեր զաւակներու հաշուոյն, որոնք մեր օրինակին հետեւելով, պիտի գիտակցին, որ առանց հաւատքի, առանց սրբութեան հասկացողութեան ու առանց Աստուծոյ ներկայութեան, մենք չենք կրնար ինքզինքնիս ըլլալ ու մեր ժողովուրդն ալ չի կրնար երկար տոկալ:

Վերոյիշեալ մտածումներով, Ամանորի ու Ս. Ծննդեան բարեբաստիկ տօներուն առիթով, սրտագինս կը շնորհաւորեմ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մաղթելով, որ  2018 թուականին, նոր բարիք ու նոր գեղեցկութիւններ հաստատուին բոլորիս կեանքին մէջ:

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ: Թող որ Աստուծոյ շունչը առատօրէն թափանցէ բոլորի սրտերուն մէջ եւ ամբողջ աշխարհը ողողէ խաղաղութեամբ, երջանկութեամբ եւ տեւող ուրախութեամբ:

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ եւ աղօթարար`

ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

 

Viewing all 12097 articles
Browse latest View live