Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Հայ Դատի Ուժական Պայքարի Տարածման Անձնդիր Առաջնորդը

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Ընկեր  Աբօ:

Պարզ եւ խոնարհ անուն մը:

Դաշնակցական մարտիկի անզուգական անձնաւորութիւն մը եւ մարտական առասպելատիպ ղեկավար մը:

Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն հայութեան ինքնապաշտպանութեան եւ ապահովութեան ռազմական վէմը:

Դաշնակցութեան յեղափոխական աւանդներու վերընձիւղման եւ Հայ դատի ուժական պայքարի տարածման անձնդիր առաջնորդը:

Միայն ընկ. Աբոն կրնար այս բոլոր արժանիքները միատեղ մարմնաւորել` իր հեզութեամբ, համբերութեամբ, յանդգնութեամբ, խստապահանջութեամբ եւ անուշ ժպիտով:

Այս հանգրուանին դժուար է մանրամասնել մեր քաղաքական ու մանաւանդ մարտական աշխատանքներու մէջ ընկ. Աբոյին կատարած ներդրումները: Տակաւին ամբողջական արժեւորումը չէ կատարուած վերջին քառասնամեակին մեր երիտասարդութեան քաղաքականացման ու յեղափոխականացման զարթօնքի շրջանին: Տակաւին չեն բացուած մեր յեղափոխական աւանդներու վերադարձին վերաբերող թղթածրարները: Տակաւին պատմական առարկայականութեամբ չէ գնահատուած լիբանանեան քաղաքացիական կռիւներուն հայութեան ինքնապաշտպանական գործունէութիւնը:

Վստահաբար ինք, հաւատարիմ իր լռակեացութեան, երբեք պիտի չարտայայտուէր իր դերակատարութեան մասին: Մանաւանդ, պիտի չուզէր, որ մենք եւս արտայայտուինք այդ մասին: Սակայն, զինք մօտէն ճանչցողները, իր գործակիցները, իր շունչով ու օրինակով կազմաւորուած մեր տղաքը, ու մանաւանդ Լիբանանի մեր ժողովուրդը կը գիտակցին ու կը զգան մեր պատմութեան այդ ճակատագրական հանգրուանին ընկ. Աբոյին կենսական մատուցումը` իբրեւ կազմակերպող ուժ, հարուածող բազուկ եւ ներշնչող ոգի:

29 դեկտեմբեր 1982-ին թուրք պետութեան դաւադրութեամբ առեւանգուեցաւ եւ անյայտ պայմաններու մէջ սպաննուեցաւ ընկ. Աբօ Աշճեան: Պատահական չէր թրքական դաւադիր արարքը, որովհետեւ հարուածը ուղղուած էր հայկական պահանջատիրութեան սուրբ գործին մղում տուող գլխաւոր պատասխանատուի մը անէացման:

Այսօր, իր ֆիզիքական անյայտացման յիշատակը կը նշենք մեր մեծ ընկերոջ: Սակայն յիշատակէն անդին, մենք պէտք է ոգեկոչենք ընկ. Աբոյի մարտական ու քաղաքական վաստակը, որ մերն է ու մեզի պիտի պատկանի այնքան ատեն որ հետամուտ ենք հաւատարիմ մնալ ու հետամուտ ըլլալ այդ վաստակի շարունակման: Մեր կազմակերպական ու ազգային ներկայ մտահոգիչ հանգրուանին, ընկ. Աբոյի օրինակելի վաստակը կը պարտադրէ ինքզինք` իբրեւ լուսատու ճանապարհ մեր ամէնօրեայ թէ հեռակայ աշխատանքներուն:

Ճիշդ ըմբռնելու համար մեր ընկերոջ վաստակը, հարկ է ետ երթալ աւելի քան չորս տասնամեակներ:

Հայ դատի հետապնդման ճակատին վրայ մեր քաղաքական թէ դիւանագիտական աշխատանքները կը բախէին անելի: Թուղթի ճամբով կատարուած աղերսանքները վերածուած էին աննպատակ ծիսակատարութեան: Մեզ լսողը միայն մենք էինք: Մեծ, միջակ թէ փոքր պետութիւնները չէին հետաքրքրուած 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան գործադրուած եւ, ըստ իրենց, ա՛լ պատմութեան անցած անարդարութեամբ մը, որուն իբրեւ հետեւանք հայութեան մնացորդացին մէկ մասը կը շարունակէր հիւծիլ օտար ափերուն, իսկ միւս մասը Հայաստան աշխարհի մէկ փոքր հողաշերտին վրայ ազգային ու հայրենական անբաւարարութեան մատնուած էր:

Լռութեան պատ մը բարձրացած էր մեր պահանջատիրութեան առջեւ: Լռութեան պատ մը, որ արհամարհանքի հանգամանք տուած էր Հայ դատի մեր «խելօք» աշխատանքներուն: Պէտք էր քանդել այդ պատը: Քանդելու համար պէտք էր դիմել մեր ազատագրական պայքարի քաղաքական ակունքներուն, պէտք էր վերադառնալ մեր յեղափոխական աւանդներուն: Վայրկեանը կը պահանջէր յանդգնութիւն եւ յաւելեալ յանդգնութիւն, որպէսզի ճեղքուի լռութեան պատը, որպէսզի հանգստութիւնը խանգարուի մեծ, միջակ թէ փոքր պետութիւններուն` ի դիմաց մեր պահանջատիրութեան լրջութեան:

Այդ յանդգնութեան մեկնակէտը հանդիսացաւ մեր երիտասարդութեան ու ժողովուրդին քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման հրամայականը: Իր գաղափարախօսական եւ մարտական աւանդներու փորձառութեամբ, մեր կուսակցութիւնը այդ հրամայականի սատարման ու տարածման գերակշիռ մղիչ ուժը կրնար ըլլալ ու եղա՛ւ: Այդ հրամայականին մարմին տուին մեր կառոյցներուն ընդմէջէն դաստիարակուած ու թրծուած տղաքը, որոնք իրենց կրակի փորձառութիւնը ստացած էին ընկ. Աբոյին ու անոր գործակիցներուն շունչին տակ:

Կարելի չէ պատկերացնել այդ օրուան սերունդի քաղաքականացման ու յեղափոխականացման հրամայականի մարմնացումը` առանց ընկ. Աբոյին ու իր գործակիցներուն տիրական ներկայութեան: Մանաւանդ ընկ. Աբոյին, որուն մէջ միշտ գերակշռող էր դաշնակցական մարտականի գաղափարականութիւնը, հաւատարմութիւնը, խիզախութիւնը, կարգապահութիւնը, ընկերասիրութիւնը, խստապահանջութիւնը եւ անձնազոհութիւնը:

Այդպէս է, որ ցնցուեցաւ լռութեան պատը` նոր էջ բանալով Հայ դատի պահանջատիրական երթին առջեւ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը նոր հարկադրանքներ ստեղծած էր հայութեան ու յատկապէս մեր կուսակցութեան համար: Իրարու հակադրուող կողմերուն նկատմամբ հայութիւնը հաշտարարի ու դրական չէզոքութեան յստակ դիրքորոշում որդեգրած էր: Հակառակ այս դիրքորոշման, կողմերը յաճախ փորձաքարի կ՛ենթարկէին մեր անկողմնակալ կեցուածքը: Հայութիւնը պարտադրուած էր դիմելու ինքնապաշտպանական գործի` բոլոր հայաբնակ շրջաններուն մէջ:

Ինքնապաշտպանական այս գործին անվիճելի հրամանատարն էր ընկ. Աբօ: Իրեն վիճակուեցաւ կազմակերպել, մարզել, պարէնաւորել, զինել եւ ռազմավարական ուղղութիւն տալ հայկական դիրքերուն: Ինքնապաշտպանական աշխատանքը աստիճանաբար յանգեցաւ այնպիսի մակարդակի, ուր բացայայտ կը դառնար հայկական բանակի մը յառաջացման սաղմնաւորումը:

Գաղտնիք չէ, որ Դաշնակցութեան համար դաշնակցական մարդը պէտք է կարողանայ միատեղել գաղափարն ու գործը, եւ այդ ճամբով իրագործել գաղափարականի ու մարտականի նոյնացումը: Այս սկզբունքին ամբողջական գիտակցութեամբ, ընկ. Աբոյին համար գաղափարականին մարտականացումը եւ մարտականին գաղափարականացումը անփոխարինելի պատուանդան էին ազգային գործին:

Ընկ. Աբոյին համար ինքնապաշտպանական դիրքերու վրայ գտնուող մեր տղոց մարզումը, այսինքն` մարտականացումը, թերի էր առանց անոնց միատեղ գաղափարականացման: Ուստի, ան յատուկ բծախնդրութիւն ցուցաբերեց անոնց գաղափարական դաստիարակութեան ու քաղաքական գիտակցութեան զարգացման: Իսկ գաղափարականի մարտական գործնականացման գծով, անոնց փոխանցեց երեք պարզ գիտելիքներ.-

Առաջին. դիրքերու վրայ էք պաշտպանելու համար ձեր օճախներն ու հարազատները: Երկրորդ. դիրքերու վրայ էք պաշտպանելու համար մեր ժողովուրդը: Երրորդ. դիրքերու վրայ էք պաշտպանելու համար ձեր պատիւն ու հայութեան արժանապատուութիւնը:

Ահա այսպէս է, որ ինքնապաշտպանական գործին հրամանատարը պատրաստեց «գաղափարի զինուոր»-ը որ, երբ պահը եկաւ, գիտցաւ հարուածել ճշգրտութեամբ եւ հարուածել արդարութեամբ:

Չենք կրնար հեշտութիւն որոնել ընկ. Աբոյին եւ իր սերունդին վիճակուած առաքելութեան մէջ: Այդ առաքելութիւնը դժուարին էր: Տասնամեակներու սփռեալ պայմաններու տակ թուլցած էր պատմութեան հետ մեր անմիջական կապը: Սկսած էր տարտամիլ հայու խիզախ նկարագրային յատկութիւնը: Կորսնցուցած էինք մեր ազատագրական աւանդներու կապը: Այս բոլորին վերականգնումն ու վերատիրացումը անքակտելի նախադրեալներն էին այդ առաքելութեան: Աւելի՛ն, օրուան ստեղծած արդի պայմաններուն մէջ գործի յաջողութեան մարտահրաւէրը կը պահանջէր այդ պայմաններուն հակակշռումը:

Իրենց առաքելութեամբ, ընկ. Աբոն ու իր սերնդակիցները մեզի վերադարձուցին անարդարութեան դէմ կրկին անգամ խիզախելու մարտունակութիւնը, վերահաստատեցին մեր պահանջատիրութեան մէջ կրկին անգամ յանդուգն ըլլալու համարձակութիւնը, ամրապնդեցին ազգային գործին մէջ գաղափարականով առաջնորդուելու եւ մարտունակութեամբ աշխատելու գիտակցութիւնը:

Պարզօրէն, անոնք ուրուագծեցին նոր ժամանակներու պահանջատէր հայու կերպարը եւ պահանջատիրութեան մշակոյթը, որոնք չսահմանափակուեցան միայն Լիբանանի ու սփիւռքեան միւս գաղութներով: Անոնք հունաւորումը հանդիսացան 1987-ի մեր 24-րդ Ընդհանուր ժողովի «Դէպի Երկիր» ուղիին: Անոնք ներշնչման աղբիւրը հանդիսացան Արցախեան ազատամարտի մեր քաջարի մարտիկներուն:

Սփիւռքի ու հայաշխարհի տարածքին պահանջատէրի նոր կերպարի եւ մշակոյթի վարակումը կը շարունակէ եւ պէտք է շարունակէ ձեւ ու բովանդակութիւն տալ մեր պահանջատիրական գործին եւ լուսագծէ մեր երթը դէպի նոր նուաճումներ:

Ընկ. Աբոն օրինակելի ներկայացուցիչն է պահանջատիրական նոր կերպարի եւ մշակոյթի առաքելութեան: Հոս կը կայանայ մեր անմահ ընկերոջ վաստակին էութիւնն ու արժէքը: Այնպէս, ինչպէս Հայկական Յեղափոխութեան սկզբնաւորութեան «ռայա» հայը, որ կորսնցուցած էր իր մարտունակ յատկութիւնը, վերատիրացաւ անոր` Հայաստանի քաղաքական ու տնտեսական ազատագրման համար, նոյնպէս եօթանասունական թուականներուն սփիւռքի հայը, որ կտրուած էր իր մարտունակ աւանդէն, վերանուաճեց զայն` վերածուելու համար ազդու պահանջատէրի:

Ա՛յս է ընկ. Աբոյին վաստակին հանրագումարը: Ա՛յս պէտք է ըլլայ մեզի համար անոր կտակը:

Այսօր երբ մերթ ընդ մերթ մեր շուրջ կը նայինք, կը զգանք տեղ-տեղ սպրդող կազմակերպական թուլացումներն ու գաղափարական խորթացումները, կը նշմարենք ոմանց մօտ մարտունակութեան տկարացումը: Յանուն մեր կազմակերպութեան եւ ի շահ մեր դատին, մեզի վիճակուած է վերանուաճել մեր ընկերոջ վաստակը, արժանի ըլլալ անոր կտակին:

Ընկեր Աբօ: Օրինակելի վաստակով պարզ ու խոնարհ ընկեր մը: Մեծ ու առաքինի ընկեր մը:

Իր մեծութիւնը կը կայանար իր խոնարհութեան մէջ: Իր օրինակելիութիւնը կը սահմանուէր իր անձնազոհութեամբ: Իր ղեկավարութիւնը կը յատկանշուէր իր կարգապահութեամբ: Իր իմացականութիւնը կը խորհրդանշուէր իր անհատնում արիութեամբ:

Այո՛, թշնամիին կողմէ դաւադրաբար առեւանգուեցաւ. բայց չկքեցաւ: Նենգաբար սպաննուեցաւ. բայց անմահացաւ: Կարելի չէ պատկերացնել տարողութիւնը` թէ թուրք գործակալները ընկ. Աբոյին ինչ չարչարանքներու ենթարկեցին եւ չարչարանքի տակ ինչ հարցումներ ուղղեցին: Բայց վստահօրէն գիտենք, որ Կարսի Թաթուլ զօրավարին նման անոնց ինչ պատասխան տուաւ ընկ. Աբոն. «Եթէ հարուածը իմն է, պիտի մեռնիք»:

2012


Աբօ Աշճեանի Առեւանգման 35-ամեակ

$
0
0

– 29 դեկտեմբեր 1982-ին Աբօ Աշճեան կ՛առեւանգուի Պէյրութի մէջ, Լիբանան, թրքական գաղտնի սպասարկութիւններուն կողմէ: Ընկեր Աբոյի ազատագրման նպատակով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը ձեռնարկէ փնտռտուքներու: Տեղի կ՛ունենան խորհրդակցական հանդիպումներ, դատապարտում, հաղորդագրութիւն, կոչ, այցելութիւններ, հաւաք, հանդիպումներ, տեսակցութիւններ եւ ամբաստանութիւն:

– 12 յունուար 1983. «Ազդակ» լոյս կ՛ընծայէ «Հեղինակը եւ նպատակը» խորագիրով խմբագրականը, որ կը հաստատէ, թէ արարքին հեղինակը թրքական պետութիւնն է:

– 18 յունուար 1983. համաժողովրդային բողոքի երկրորդ հանրահաւաք մը տեղի կ՛ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ: Ներկայ կ՛ըլլայ մօտաւորապէս 20 հազար հոգի: Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներուն կողքին, ներկայ կ՛ըլլան երեսփոխաններ, Ազգային իշխանութեանց անդամներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Հանրահաւաքին խօսքեր կ՛արտասանեն ընկերներ` Աւետիս Իսփենճեան, Կարօ Յովհաննէսեան եւ Հրաչ Տասնապետեան:

– 18 մարտ 1983. նախագահական պալատի տնօրէնութիւնը հայ ազգային երեք կուսակցութիւններուն եւ համայնքներուն համախմբումին կ՛ուղղէ հեռագիր մը, որով կը յայտնէ, թէ նախագահը` շէյխ Ամին Ժեմայէլ, իր ամբողջական ուշադրութեան առարկան դարձուցած է ընկեր Աբօ Աշճեանի առեւանգման հարցը:

– 5 օգոստոս 1983. Պէյրութի քննիչ ատեանի դատաւորը բաց քննութեան հրամանագիր մը կը հրապարակէ ընկ. Աշճեանի առեւանգման հարցը հետապնդելու համար: Ըստ հրամանագիրին, քննութիւնները կը պահուին բաց, մինչեւ որ ստուգուի առեւանգման հեղինակներուն ինքնութիւնը: Ատեանը կը հրապարակէ նաեւ իր քննութեանց մանրամասնութիւնները, որոնք կը վերաբերին առեւանգման:

– Հեռագիրներ կը յղուին` Լիբանանի նախագահին, վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, Եւրոպական խորհրդարանին, ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարութեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահին, Բրիտանիոյ վարչապետին եւ Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական խորհուրդի քարտուղարութեան:

– Անկախ վերոյիշեալ աշխատանքներէն եւ հանդիպումներէն, Նոր Ջուղայի, Թեհրանի, Երուսաղէմի եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու դաշնակցական թէ ուղեկից կազմակերպութիւնները, միութիւնները եւ Հայ դատի յանձնախումբերը բողոքի հեռագիրներ կը յղեն` տեղական մամուլին, պետական դէմքերու, միջազգային կազմակերպութիւններու, դեսպաններու, ռատիոկայաններու:

Անդրադարձ. Էրտողանի Թունուզեան Յայտարարութեան Մասին

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի, 27 դեկտեմբերին Թունուզ իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց. «Ասատ ահաբեկիչ է, Սուրիան քանդեց, եւ կարելի չէ զինք լուծումին մասնակից դարձնել»: Ան մէկ ամիս առաջ` 24 նոյեմբերին յայտարարած էր, որ Սուրիոյ քիւրտերուն հարցով Ասատի հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելը կարելի չէ բացառել` աւելցնելով. «Քաղաքականութեան դռները միշտ բաց են մինչեւ վերջին պահ»: Թրքական դիւանագիտութեան պետ Մեւլութ Չաւուշօղլուն իր կարգին 13 դեկտեմբերին յայտարարած էր, որ Անգարա սուրիական վարչակարգը սպառնալիք չի նկատեր: Ուստի այս երկու շաբթուան մէջ ի՞նչ փոխուեցաւ:

27 դեկտեմբերին կատարուեցան երկու նշանակալից յայտարարութիւններ. Սուրիոյ քրտական ղեկավարութեամբ սուրիական ժողովրդավարական ուժերը յայտարարեցին, որ 155 ներկայացուցիչներով պիտի մասնակցին յառաջիկայ ամիս Սոչիի մէջ նախատեսուած միջսուրիական ժողովին` ընդառաջելով Ռուսիոյ հրաւէրին, իսկ ռուսական բանակի սպայակոյտը յայտարարեց, որ 2018-ին Սուրիոյ մէջ իր նպատակը պիտի ըլլայ լարուածութեան մեղմացման գօտիներուն, իմա՛ Թուրքիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող Իտլիպի մէջ բնաջնջել Ժապհաթ Նուսրան, որուն զինեալները մէկ օր առաջ Համա նահանգին մէջ վար առած էին սուրիական օդուժին պատկանող օդանաւ մը: Ռուսիոյ աջակցութիւնը վայելող ուժերուն Իտլիպ մուտքը Թուրքիան կը զրկէ Սուրիոյ տագնապին լուծման հոլովոյթին մէջ որեւէ նշանակալից դերակատարութենէ: Ուրեմն Էրտողան այդ նոյն օրը Թունուզէն կատարած իր բողոք-յայտարարութեամբ կը հակադարձէր Քրեմլինի պատժական տնօրինումներուն: Անոր յայտարարութեան թիրախը Մոսկուան էր եւ ոչ թէ Դամասկոսը:

Այստեղ կայ մետալին միւս երեսը. քիւրտերը Սոչի հրաւիրելու ռուսական քայլին նպատակը Անգարան պատժելէն անդին քիւրտերուն աջակցող ամերիկեան կողմին Սուրիայէն դուրս մղումն է: Ուաշինկթըն յստակ դարձուցած է, որ քիւրտերուն հետ իր դաշնակցութիւնը վերջ կը գտնէ, երբ ՏԱՀԵՇ պարտութեան մատնուի: Քիւրտերը բնականաբար մտահոգ են այդ ժամկէտէն ետք ստեղծուելիք կացութեամբ եւ չեն ուզեր «մերկ» վիճակի մէջ յայտնուիլ: Իրողութիւն մը, որ Մոսկուա կը փորձէ շահագործել` իր մրցակիցին դէմ կէտեր արձանագրելու համար:

Յամենայն դէպս, Էրտողանի կողմէ ՕԹԱՆ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ տատանումները, հակադիր կեցուածքներու արտայայտումը, անոնց յաճախակի ըլլալն ու արագ կշռոյթը կու գան ամրապնդելու անոր եւ Թուրքիոյ անվստահելի ըլլալու իրողութիւնը, բան մը, որ բնականաբար չի կրնար մնալ առանց հետեւանքի: Անոր գինը ուշ կամ կանուխ պիտի վճարուի:

 

 

Ամանորեայ Մտորումներ

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Տարիներ առաջ, երբ 6-րդ դասարան էի, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Նշան Փալանճեան ճեմարանի տնօրէնութիւնը որոշեց «արեւելեան» Պէյրութի շրջանի աշակերտները ընդունիլ Կենաց ազգային վարժարանին մէջ, Տըպպայա, այժմ` Եղիշէ Մանուկեան ազգային վարժարան: Տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ շատ մեծ ճիգ մըն էր` փորձել ամէն գնով քանի մը ամսուան մէջ տարեշրջանը փրկելու: Այս ժամանակաշրջանին շատ մը դպրոցներ իրենց դռները փակ պահեցին, ինչպէս նաեւ` շատ ուրիշներ յատուկ կարգադրութիւններ ըրին տարեշրջանը փրկելու նպատակով:

Մենք այդ ձմեռը, ինչպէս նաեւ` շատ մը հայ ընտանիքներ, ամառնային գիւղագնացութենէն ետք, ստիպուած, գիւղ մնացած էինք, որովհետեւ քաղաքի տուներնիս կը գտնուէր սահմանամերձ վտանգաւոր շրջանի մը մէջ էր` սահմանագիծ «արեւելեան» եւ «արեւմտեան» Պէյրութներուն միջեւ: Հայրս մեծ ճիգով մեզ ամէն օր գիւղէն Տըպպայա` Կենաց վարժարան կը տանէր, որպէսզի հեռու չմնանք մեր նախապէս յաճախած սիրելի ճեմարանէն:

Խիստ գնահատելի էր ի մասնաւորի ուսուցչական կազմին նուիրումը. ամէն գնով կ՛ուզէին քանի մը ամսուան մէջ դպրոցական տարեշրջանը փրկել: Այդ օրերուն նաեւ ունեցանք այլ ազգային վարժարաններէ աշակերտներ, որոնք եկած էին մեզի միանալու: Ամէն ինչ նորութիւն էր մեզի համար` նոր տարեշրջան, նոր դպրոցի վայր, նոր դասարաններ, նոր ընկերներ, նոր քաղաքական իրավիճակ… Պէտք էր համակերպէինք:

Այսօր, երբ կը փորձեմ յիշել այդ դժուար տարին, միայն դէպք մը անաղարտ կը մնայ մտքիս մէջ. հայերէնի պահուն մեր սիրելի ուսուցիչը` Եդուարդ Բատոյեան, մեզի Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուցը» բարձրաձայն կը կարդար, երբ հասաւ այս տողերուն. «Դրամի պէտք ունինք, բայց դրամ չկայ, որ զէնք գնենք պաշտպանութեան համար», ան կեցաւ, ձայնը խռպոտեցաւ, ապա աչքերը ջրոտեցան, եւ սկսաւ լուռ արտասուել: Բառերը  կը պակսին այդ յուզիչ պահը նկարագրելու համար: Ուսուցիչդ «դրամ չկայ զէնք գնելու պաշտպանութեան համար» տողը կը կարդայ եւ կ՛արտասուէ: Թերեւս մանուկ էինք կամ պատանի, հաւանաբար` ոչ շատ խելահաս, բայց այդ տեսարանը եւ այդ դէպքը բաւարար էին, որ մեր երակներուն մէջ սրսկուէր Վարդանի, Արամի, Նժդեհի եւ հազարաւոր հերոսներու արիւնը: Այդ օրը պատանիի հոգեվիճակով մտած էինք դասարան, բայց անկասկած երիտասարդներ ելանք դասարանէն: Նման առիթներ անկասկած մեր մէջ հայութիւնը կը կռանեն եւ մեզ կը փոխադրեն տարբեր հոգեկան ոլորտներ:

Այսօր, այդ դէպքէն մօտ 40 տարիներ ետք, դժբախտաբար, տակաւին հարցը նոյնն է, մեր ազգային կառոյցները, դպրոցները, կազմակերպութիւնները, հաստատութիւնները դրամի պէտք ունին գոյատեւելու համար, եւ մենք ընդհանրապէս կը մնանք անտարբեր: Շատ յաճախ կը մոռնանք մեր անցեալը, կը մոռնանք, որ եթէ այսօր Լիբանան կամ Սուրիա կը գտնուինք, զբօսաշրջութեան համար չէ, որ մեր հայրերը եկած են հոս: Անոնք ձեռք-ձեռքի կառուցեցին այս գաղթակայանները` իրենց եկեղեցիներով, դպրոցներով, ակումբներով, որոնք դարձան հայապահպանման ամրոցներ: Այսօր, Ցեղասպանութենէն աւելի քան հարիւր տարի ետք, երբ ունինք կազմակերպուած սփիւռք, անկախ հայրենիք ու Արցախ, ընդհանրապէս մեր ազգային կառոյցները դրամ «կը մուրան» իրենց գոյատեւման համար: Ամօ՛թ մեզի, դրամը չէ, որ կը պակսի մեզի, այլ` դրամ տալու դաստիարակութիւնը: Պէտք է բախենք մարդոց քարացած սիրտերուն դռները, պէտք է պատռենք մարդոց աչքերուն թանձրացած վարագոյրները: Այսօր մեր ժողովուրդի այս վճռորոշ օրերուն պէտք է բոլորանուէր նուիրուածութեամբ ծառայենք անխտիր եւ օգնենք մեր ազգին: Երբ տակաւին թուրքը մեր ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները կը մերժէ, երբ տակաւին Ազրպէյճանը Երեւանը կը նկատէ Պաքուի արուարձան մը, երբ տակաւին ձուլման ճերմակ ջարդի դամոկլեան սուրը մեր գլխուն վրայ կախուած է, մեր արեան պարտքն է մեր ազգային կառոյցները առաւել ու առաւել ամրապնդել: Արթննանք, հայրենակիցնե՛ր, մինչեւ այն ատեն որ տակաւինք կանք:

 

 

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Նոր Տարին Չմարող Երազանքով

$
0
0

Արցախի ներքաղաքական կեանքը 2017 թուականին յագեցած էր բուռն իրադարձութիւններով: 2017-ի սկզբին ԱՀ սահմանադրութեան փոփոխութիւնների հանրաքուէի մեկնարկը տրուեց, ամրանը 3 տարի անցումային ժամանակաշրջանի համար ընտրուեց ԱՀ նախագահ, իսկ աշնան սկզբին կազմաւորուեց կառավարութիւն` ԱՀ նախագահի գլխաւորութեամբ: ՀՅԴ Արցախի կառոյցն աշխուժ մասնակցութիւն ունեցաւ ներքաղաքական բոլոր իրադարձութիւններին: Դժուար, բայց սկզբունքային որոշմամբ ՀՅԴ-ն դէմ էր սահմանադրութեան փոփոխութիւնների տարբերակին, սակայն դա չխանգարեց մնալ որպէս իշխանական հիմնական երեք քաղաքական ուժերից մէկը:

Քաղաքական ասպարէզում նման ծաւալուն փոփոխութիւնները բնականաբար իրենց հետ բերում են ակնկալիքների եւ սպասումների ստուար խմբաքանակ: Բնական է, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի նման փոփոխութիւններից ցանկանում է տեսնել բարելաւած հնարաւորութիւններ եւ ակնկալում կառավարման համակարգում ի շահ քաղաքացու ակնառու քայլեր: Սա ինքնին պարտաւորեցնող է: Պարտաւորեցնող` իւրաքանչիւր իշխանաւորի եւ առաւելաբար իշխանութեանը մաս կազմող քաղաքական ուժի համար:

Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցը գիտակցում է այդ պատասխանատուութիւնը: Յատկապէս` այն յետնապատկերի վրայ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութիւնները եւ դրանից բխող օրէնսդրական եւ քաղաքական դաշտը ՀՀ-ում հասարակութեան մէջ առաջացրել է գալիք օրուայ հանդէպ յուսադրութեան դրական մթնոլորտ: Արցախի ժողովուրդը եւս պէտք չէ անմասն մնայ այդ յուսադրող մթնոլորտի զգացումը վայելելուց: Իսկ դա պարտաւորեցնում է առաւել լրջօրէն աշխատելու առաւել թիրախային ու նպատակադրուած լինելու եւ հասարակութեանը չյուսալքելու նախանձախնդրութեամբ:

Ահա այս գիտակցութեամբ է, որ թեւակոխում ենք 2018 թուականը: 2018 թուականը, որը յագեցած է յոբելենական թուականներով: Հայկական պետականութեան վերականգնման 100-ամեակ, Արցախում պետականութեան վերակերտման գործընթացի 100-ամեակ, արցախեան շարժման 30-ամեակ. երեք յոբելենական թուականներ, որոնք հիմք են հայկական զոյգ հանրապետութիւնների լինելիութեան, հիմնաքարերն են մեր գոյատեւման: Պէտք է գիտակցաբար մօտենալ` հասկանալու համար, թէ նշեալ երեք յոբելենական օրերը ի՛նչ վիթխարի իմաստ են պարունակում իրենց մէջ: Իսկ ըմբռնելով այդ իմաստը` անխուսափելիօրէն կարելի է դասեր քաղել այդ իրադարձութիւնների մասնակիցների եւ դրանց կերտողների գործից, երազանքներից կերտած վեհ գաղափարից: ՀՅԴ-ն իր մեծ եւ անհերքելի ներդրումն է ունեցել հայոց պետականութեան վերականգնման այս երեք յոբելենական օրերի կերտման գործում: Իսկ այժմ հաւատացած է, որ հայկական զոյգ հանրապետութիւններում պետական մակարդակով պէտք է յիշատակուեն այդ օրերը յաւուր պատշաճի: Յիշատակուեն, որպէսզի հնարաւոր դառնայ վառ պահել հայրենասիրական այն թելադրող շունչը, որը իւրաքանչիւրիս մէջ պէտք է թելադրի պետականութեան հանդէպ պատասխանատուութեան զգացում:

Հաւատացած ենք, որ պատասխանատուութեան զգացումով տոգորուած անհատն է միայն, որ կարող է իր ուսերի վրայ կրել պետական համակարգի արդիւնաւէտ գործունէութեան բեռը: Իսկ այդ բեռը անկեղծօրէն կրող ահատն է միայն, որ կարող է հասարակութեան մէջ վառ պահել հայրենի պետութեան ապագայի հանդէպ չմարող երազանքը:

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:

28 դեկտեմբեր 2017թ.

 

Լքուած Տան Մահը (Ամանորի Առիթով)

$
0
0

ՎԱՀԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

– Բարի՛ լոյս, հարեւա՛նս: Ինչպէ՞ս ես: Օրդ ինչպէ՞ս սկսեցիր:

– Բարի՛ առաւօտ, հարեւա՛նս, որ ասեմ` լաւ, կը հաւատա՞ս: Մանաւանդ էս օրն իմ համար վառ յիշողութիւնների, տխուր ապրումների, յոյզերի օր է:

– Էլի տիրոջդ հե՞տ է կապուած:

– Հա՛, բա էլ ո՞ւմ: Է՜հ, հարեւա՛նս, պատմել, սիրտս բանալ եմ ուզում, թէ չէ մէկ էլ տեսար` անհանգիստ շարժումներիցս պատերս փուլ եկան:

– Խօսա՛, հարեւա՛նս, բա մեր հնօրեայ հարեւանութիւնն էլ ինչի՞ համար է, որ մէկս միւսիս չլսենք:

– Է՜հ, ի՞նչ ասեմ. ուղիղ երեսուն տարի առաջ էս օրն իմ բոլոր սենեակներումս, անգամ նկուղումս ու մառանումս, մի խօսքով, քունճ ու պուճաղումս եռուզեռ էր, ուրախութիւն, Գրիգոր տացուիս (հօրեղբօրս – Յ. Մ.) մեծ ընտանիքի ամէն մի անդամ ինչ-որ բանի էր շտապում, էդ օրը պսակում էին տացուիս միջնեկ որդուն` Հրանտիկին: Առաւօտեան շուտ մեծ հիւրասենեակիս  պատերի ողջ երկայնքով բացուեցին սեղանները, կենացներ, տհոլ-զուռնայ, գնացին հարսի ետեւից, յետոյ երեկոյեան կողմ վերադարձան, մինչ ուշ գիշեր պատերս զրնգում էին ուրախութեան կանչերից, ա՜խ… ի՜նչ օրեր էին, անցան-գնացին…

– Հա՛, ես էլ յիշեցի, հարեւա՛նս, Գրիգոր տացուի  բոլոր չորս զաւակների` ե՛ւ երեք որդիների, ե՛ւ աղջկայ հարսանիքները լաւ յիշում եմ, ուղղակի` տարեթուերն եմ մոռացել, դէ, քո յիշողութիւնն ո՞վ ունի:

-Է՜հ, անցեալի յուզառատ պահերս միջիս դատարկութիւնն ու ամէնօրեայ տառապանքներս են  ստիպում մէկ առ մէկ վերյիշել ամէն ինչ: Ա՜խ, ինչո՞ւ գնացին բոլորը, ի՞նչ են գտել Մոսկուայում. գիտե՞ս, հարեւա՛նս,  Գրիգոր տացուն գնացած օրից տեղը չի գտել, ո՞ւմ հայրենի տնից տանես  Մոսկուա, հանես 17-րդ յարկը, որ դիմանայ: Նա ամէն օր պահանջել է իրեն տանել իր տուն, բայց լսող չի եղել, մի քանի ամսում սարի պէս մարդը դարձել է մի բուռ, եւ մի օր էլ նրան մահճակալում անշարժացած են գտել, է՜հ, երեւի կարօտով լցուած հայեացքը` դէպի ինձ յառած… Դրանից մէկ տարի անց մահացաւ նաեւ Սրբուհի տատիկը, եւ այդ ժամանակներից սկսած` Գրիգոր տացուիս չորս զաւակներին, թոռներին ու ծոռներին կարօտ եմ մնացել, գոնէ  շուտ-շուտ գային, թէկուզ ամառները: Մի քանի անգամ որդիներն եկան, իսկի (երբեւիցէ – Յ. Մ.) իմ մօտ էլ չգիշերեցին: Չգիտեմ, հարեւա՛նս, մի տեսակ խորթացել են իրենց հայրական տնից, դէ, թոռների մասին էլ չխօսեմ. բոլորովին ռուսացել են, եւ մի ողջ սենեակ գրադարանս, որ Գրիգոր տացուն ամենայն խնամքով, խանդավառութեամբ ու ապագայի հանդէպ անսահման հաւատով լցուած ստեղծեր էր իր թոռների ու գալիք սերնդի համար, այժմ գրեթէ անտէր է: Է՜հ, ո՞րն ասեմ, ո՛րը թողնեմ…

– Չգիտեմ` ինչ ասեմ, հարեւա՛նս, մի բան էի ուզում քեզ յայտնել, բայց էսքան տարտերիդ հետ վախենում եմ չդիմանաս:

– Ի՞նչ է պատահել: Հո Գրիգոր տացուիս որդիներին բան չի՞ պատահել Մոսկուայում:

– Չէ, բոլորն էլ ողջ-առողջ են: Աւելին ասեմ` վերջերս իմ տիրոջ ընտանիքում անընդհատ խօսք է գնում այն մասին, որ քեզ  վաճառել են:

– Ի՞նչ, ծախե՞լ, ո՞ւմ են վաճառել, էս ի՞նչ ասացիր, հարեւա՛նս, զայրոյթից տան պատուհանի ապակիները դողացին. ես Գրիգոր տացուի սեփականութիւնն եմ, ինձ ո՞վ իրաւունք ունի ծախելու:

– Չգիտեմ, հարեւա՛նս, գիտեմ մի բան, որ հէնց քո Գրիգոր տացուիդ որդիները վերջերս եկել են, քո փաստաթղթերը կարգաւորել են եւ վաճառել ինչ-որ ապրանքանիշի, որքան հասկացայ` օտարերկրեայ ապրանքանիշ է, որ մեր մօտ գործունէութիւն է ծաւալում:

– Ա՛յ քեզ բա՜ն, վաճառել, այն էլ` օտարերկրացո՞ւ: Ես Գրիգոր տացուիցս յետոյ ոչ մէկին չեմ պատկերացնում իմ մէջ ապրելիս, իմ մէջ ամէնուր նրա շունչն է, նրա գրասեղանը, գրադարանը… Ո՞վ է տէր ու տիրական դառնալու այդ ամէնին:

– Չիտեմ, ես ասեցի այն, ինչ լսել եմ: Դէ՛, լաւ կաց, հարեւա՛նս, իմ տիրոջ թոռներն արդէն արթնացել են, մի մեծ տօնածառ են զարդարել. հա՛, չես մոռացել, չէ՞, շուտով Նոր տարի է, տիրոջս փոքրիկներն արդէն սկսեցին երգը` «Տօնածառ ջան- տօնածառ…», ես դրանց ջանին մեռնեմ: Գիտե՞ս, թէ ո՛վ է այդ երգի հեղինակը. մեր Գորիս քաղաքում ծնուած հռչակաւոր Էդուարդ Միրզոյեանին գիտե՞ս:

– Հա՛, ոնց  չգիտեմ, ի՞նքն է:

– Չէ՛, իր հարազատ հայրը` Միքայէլ Միրզոյեանը, էնպէս որ…

– Է՜հ, հարեւա՛նս, գիտես, թէ Գրիգոր տացուս իր մեծ ընտանիքով ի՛նչ Նոր տարի էր նշում, երնէկ էդ տարիներին… Հիմա ո՞ւմ հետ ես նշեմ: Գոնէ մի քանի ժամանակ առաջ վարձով մնացողներ կային, գիւղացի մարդ էին, էստեղ` Ախալքալաքում գործ-մործ էին անում, բայց էնքա՜ն անփոյթ էին,  որ գոյքիս ահագին վնաս հասցրին, Գրիգոր տացուիս թանկարժէք սեղանը փճացրին, պատուհաններս բաց թողին`  քամին ջարդեց, հիմա էնքան ցուրտ է ինձ մօտ: Քեզ ի՞նչ կայ` տէր ու տիրական ունես, պատուհաններդ գեղեցիկ, եւրոպական, տանիքդ`  զինկապատ, մի տեսակ ջահելացել ես, հարեւա՛նս: Քանի որ յիշեցրիր Նոր տարուան մասին` արի ինձ մաղթիր, որ տէրերս` Գրիգոր տացուիս որդիները վերադառնան, եւ գալիք տարում մեր Ջաւախքում ոչ մի տուն իմ նման անտէր չմնայ…

– Ո՜ւ-ո՜ւ…

– Գնացքի ձայն է, հարեւա՛նս, Թիֆլիսից եկաւ, ա՜խ,  երանի հետը բերեր Գրիգոր տացուիս`  իր ողջ գերդաստանով, ի՜նչ Նոր տարի կը նշէինք…

– Էդ Թիֆլիսից եկողը չէ, հարեւա՛նս, իր ձայնն էդպէս բարձր չէ, էդ մէկը Կարծախից եկաւ:

– Կարծախի՞ց, կատակո՞ւմ ես, Կարծախ ի՞նչ գործ ունի գնացքը:

– Է՜, մէջդ մարդ չի ապրում, աշխարհից յետ ես մնացել, չգիտե՞ս, որ արդէն բացուել է մեզ Թուրքիային կապող երկաթգիծը, հիմա մեր մօտ ամէնուր թուրքեր են: Գիտես, հարեւա՛նս, ինձ թւում է, որ քեզ գնող ապրանքանիշն էլ է թուրքական: Էնպէս որ, պատրաստուիր… Տե՛ս`  գնացքից իջած մարդիկ մօտենում են, երեւի իրենք են, նոր տէրերդ, այո՛,  այո՛, հաստատ իրենք են, թուրքերէն են խօսում: Դէ՛, կանգուն կաց, ես կողքդ եմ, չմտածե՛ս:

– Կա՛ց, կա՛ց, հարեւա՛նս, էս ի՞նչ մարդիկ են, էս ովքե՞ր են, էս ի՞նչ օրն ընկայ, դաւաճաննե՜ր, հարեւա՜նս, է՜յ, հէ՜յ, չմօտենա՜ք ինձ, ես Գրիգոր տացուի  տունն ե՜մ,  չմտնէ՜ք, հէ՜յ, հարեւա՜նս, օգնեցէ՜ք, հէ՜յ, շունչս կտրւում է՜, կոկորդս ինչ-որ մէկը սեղմւում  է՜, վա՜խ, ընկա՜յ, օգնեցէ՜ք…

Մինչ դիմահայեաց կանգնած Տաւշանկա բլրի լանջին մերթընդմերթ հասնում էին հարազատ եւ օտար ձայներ` «Տօնածառ  ջան, տօնածառ…» , «Չոք իյի էվ դիր, եարն օնարըմը պաշլըեաճաղըզ (շատ լաւ տուն է, վաղը սկսելու ենք վերանորոգումը…)», ախալքալաքցի հռչակաւոր Գրիգոր տացուի լքուած տունը մի քանի րոպէ անց հոգին աւանդեց…

Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերածեց`
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆԸ

«Հետք»
30 դեկտեմբեր 2016

Կաղանդ Պապուկի Մտահոգութիւնն Ու Ծիծեռնակին Խոստումը (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Նամակս կը գրեմ որպէս դպրոցական պարտականութիւն: Գիտեմ, որ չար մանուկներու ցուցակդ  լեցուն է, իսկ հնազանդ մանուկներունը` դատարկ: Կեանքդ նոյնպէս դատարկ է: Դուն չես գիտեր, թէ ինչպիսի խնդիրներէ անցած եմ կեանքիս ընթացքին: Ցտեսութիւն: Ես քեզ կը սիրեմ:

Կաղանդ պապուկին ուղղուած ամերիկացի վեցամեայ մանուկի մը նամակը:

(Համացանց – Թուիթըր)

Միշտ չէ, որ պէտք է գանգատիլ համացանցի անպատեհութիւններէն, հակառակ յոռի եւ փշաքաղիչ երեւոյթներու առկայութեան եւ տարածումին: Արդի համաշխարհային լեզուն` համացանցը, ունի նաեւ գնահատելի «երես»-ներ, որոնց մէկ դրսեւորումն է վերեւ յիշուած գողտրիկ նամակը, որ կը պատկանի բարի, անուշիկ եւ ազնուասիրտ մանուկի մը գրիչին:

Ի դէպ, մանուկը իր նամակը յանձնած է ուսուցիչին, իսկ մայրն է, որ զայն տեղադրած է թուիթըրի իր էջին վրայ, եւ լաւ ըրած է, որպէս կեանքի բաբախուն երակ, ապրուած ցաւի մը ճիչը, խոր վէրքի մը պատճառած անդոհանքն ու ներքին տառապանքի մը բացայայտ արտայայտութիւնը:

Պիտի ըսուի, հաւանաբար, որ վեցամեայ մանուկ մը, որքանո՞վ գիտակից է վերեւ յիշուած մտահոգութիւններու ընդհանուր պարունակին, որպէսզի կարենայ այդ բոլորը վերագրել Կաղանդ պապուկին եւ զայն մեղադրել անաչառ չըլլալուն համար:

Այլ խօսքով` մանուկի մը ներաշխարհը որքան ալեկոծ պէտք է եղած ըլլայ, որ ան անդրադառնայ բարիի ու չարի անվերջանալի պատերազմին, յամեցող յոռի  երեւոյթներու, արդար ակնկալութիւններու թէ ընդհանրապէս վատացած առօրեայի մը մասին, եւ ի սրտի իր խօսքը ուղղէ Կաղանդ պապուկին, որ համայն մարդկութեան կողմէ ընդունուած է իբրեւ գթասիրտ, առատաձեռն, արդարադատ, անկողմնակալ, խինդ ու ժպիտ բաշխող, քաջասիրտ, անկարին ու աղքատին պաշտպան, նուիրեալ ու բարեգործ առաքեալ մը, որ կ՛ապրի դարերէ ի վեր, յանուն մարդ արարածի երջանկութեան ու խաղաղութեան:

Ճիշդ է, որ նման համամարդկային յոյզեր ու խոհեր պարփակող նամակներ ու անդրադարձներ ողողած են համացանցի տարբեր ոլորտներ, այդուամենայնիւ, հազուագիւտ են նմանօրինակ գրութիւններ, որոնք կարծես գրուած ըլլային բոլորիս կողմէ, բոլորիս անունով եւ ուղղուած անոր, զոր շատ սիրած ենք մեր մանկութեան օրերէն ի վեր ու ցարդ կը շարունակենք սիրել զայն:

Ըսուածին փաստը, ստորեւ ներկայացուած հեքիաթն է, որ կ՛առնչուի Կաղանդ պապուկի մերօրեայ մտահոգութիւններուն եւ ծիծեռնակի մը տուած խոստումին:

Կը պատմուի, թէ անտառի մէջ ապրող երկար տարիներու բարեկամներ էին անոնք` Կաղանդ պապուկն ու ծիծեռնակները: Զիրար լաւ ճանչցած էին եւ շատ անգամ կը զրուցէին իրարու հետ տարբեր նիւթերու շուրջ:

Աւելի՛ն. Կաղանդ պապուկը, ընդհանրապէս, «դուրսի աշխարհի» լուրերը կը ստանար ծիծեռնակներէն, որոնք թռչելով աշխարհի չորս ծագերը, մօտէն կը շփուին մարդոց հետ, կը տեղեկանան անոնց ցաւերուն ու պահանջներուն, եւ ամբողջացնելէ ետք իրենց շրջապտոյտը, կը վերադառնան բեւեռային անտառներ, ուր եւ կը բնակի բոլորիս սիրելի Կաղանդ պապուկը:

Սակայն այդ օր ծիծեռնակ մը կը նշմարէ, թէ իր վաղեմի բարեկամը` Կաղանդ պապուկը, տխուր է: Ան նստած կը հանգչի երկար ծառի մը շուքին՝ մտածկոտ վիճակի մէջ, աչքերը ուղղած հորիզոնին, դանդաղօրէն կը շոյէ իր սպիտակ մօրուքը եւ առանց բառ մը արտասանելու, կարծես կը սպասէ մայրամուտին:

Ինչպէս սովոր է միշտ, Կաղանդ պապուկը հագած էր իր ամէնօրեայ զգեստը` կարմիր պարեգօտը, մէջքին կապած լայն սեւ գօտին, գլխուն կը կրէր փայլփլուն գլխարկը եւ ոտքերը կը ծածկէին անոր մոխրագոյն մոյկերը, ամբողջական տարազ մը, որ ձեւով մը կ՛արտացոլէր Կաղանդ պապուկի ուրախ ներաշխարհը:

Ծիծեռնակը կը թռչի ու կը թառի իր բարեկամին քով: Ան մեղմօրէն կը հարցնէ անոր տխրութեան պատճառը, կ՛ուզէ իմանալ, թէ որեւէ անախորժ բան պատահա՞ծ է, արդեօք զինք նեղացնող լուրե՞ր ստացած է, եւ կամ մտահոգութիւննե՞ր պատած են զինք, որոնք ծանր կը կշռեն, մանաւանդ Ամանորի պատրաստութիւններու այս շրջանին, երբ Կաղանդ պապուկը լծուած է հսկայական աշխատանքի` հազարաւոր նամակներ ընթերցելու, պատուիրուած նուէրներ ապահովելու եւ եղջերուներու հոգատարութիւն եւ սնունդ տրամադրելու, առ ի պատրաստութիւն Նոր տարուան շրջապտոյտին:

Կաղանդ պապուկի կարմրուկ այտերը աւելի կը ջերմանան, երբ ան կը լսէ ծիծեռնակի հարցադրումը: Փաղաքշական նայուածքով մը կը նայի ծիծեռնակին, ժպիտ մը կ՛ուրուագծուին անոր այտերուն եւ կ՛ուզէ յայտնել իր մտահոգութեան պատճառը: Այդ միջոցին, Կաղանդ պապուկի շուրջ կը հաւաքուին այլ ծիծեռնակներ, որոնք կու գան մտիկ ընելու եւ ի հարկին իրենց օժանդակութիւնը յայտնելու անոր:

Իր խօսքին մէջ, Կաղանդ պապուկը կ՛անդրադառնայ նամակի մը, որ գրուած է եղեր հեռաւոր երկրի մը մէջ ապրող պատանի աղջնակի մը կողմէ: Նամակը վերջերս հասած է իրեն, ուր աղջնակը յայտնելէ ետք իր սէրն ու կարօտը Կաղանդ պապուկին, յանդուգն ոճով մը կը մեղադրէ զայն, թէ ան` Կաղանդ պապուկը, այլեւս դադրած է ներշնչելէ մանուկներն ու պատանիները, որովհետեւ ժամանակէ մը ի վեր ան զիջած է իր քաջարի պարտաւորութիւնները կատարելէ, բարիին թեւ ու թիկունք ըլլալէ, չարին ու վատին իսկութիւնը բացայայտելէ, մարդկային վեհ արժանիքներու տիրութիւն ընելէ, բայց մանաւանդ` ազնուասիրտ անհատներու երազները իրականացնելէ:

Աւելի՛ն. աղջնակը դառնացած սիրտով լոյսին կը բերէ իր առօրեայ կեանքին մէջ պատահած վատ երեւոյթները, երբ նիւթին ու անցողակի վայելքներու կառչած մարդիկ կը շարունակեն մոլորեցնել իրենց շրջապատը, երբ բախտախնդիր, պատեհապաշտ ու մոլութիւններով յղփացած մարդոց կեանքը կ՛ընթանայ «հեզասահօրէն», երբ աշխատասիրութիւնն ու նուիրումի ամէն արտայայտութիւն ծաղր ու ծանակի առարկայ են դարձեր, երբ բնութեան պաշտպան անհատներ մնացած են առանց պաշտպանեալի, եւ վերջապէս, երբ յոյսերու եւ երազներու իրականացման ջատագով Կաղանդ պապուկի տիպարը սոսկ պատկերի տեսք է ստացեր:

Ճիշդ է, որ Կաղանդ պապուկը հանդարտօրէն կը ներկայացնէր նամակի ամբողջ բովանդակութիւնը, սակայն զգալի էին անոր սրտին ահաւոր տրոփները, ներաշխարհին ալեկոծումը եւ այտերուն վրայ հոսող արցունքները, որոնք կայլակ առ կայլակ կը թրջէին հողը, որուն վրայ նստած էր ինք եւ կ՛ապրէր իր կեանքի մեծագոյն ափսոսանքը:

Ափսոսա՜նք, որ կը տանջէր հոգին եւ ցնցած էր ամբողջ էութիւնը:

Ափսոսա՜նք, որ Կաղանդ պապուկի տիպարը այլեւս կորսնցուցած է իր իմաստը եւ դադրած ներշնչելէ մանուկները, պատանիներն ու չափահասներն անգամ:

Պահ մը լռութիւնը համատարած էր: Օրը հասած էր իր լրումին: Կաղանդ պապուկը՝ յանձնուած իր սրտի ցաւին ու անսովոր յուզումին, կը խոկար, աչքերը յառած դէպի աստղազարդ երկինքը:

Սակայն, այդ օր, նոյնիսկ երկինքի աստղերը տարբեր կը պսպղային, տարբեր լոյսեր ու պատգամներ կը յղէին, կարծես հետամուտ էին մեղմելու ցաւն ու վիշտը այն տիպարին, որուն գոյութիւնը մարդկային երջանկութեան համար եղած է դարեր շարունակ:

Միւս կողմէ, ծիծեռնակներու երամը ոչ թէ միայն լռութեամբ հետեւած էին Կաղանդ պապուկի խօսքին, այլեւ, ապշած ու մտամոլոր անոնք կը մտածեն իրենց ընելիքին մասին: Չէ՞ որ ծիծեռնակները շինարարի, զուարճախօսի ու հաւատարիմ բարեկամի յատկութիւնը վաստկած էին եւ միշտ օգտակարութիւն ցուցաբերած շրջապատին:

Խորքին մէջ, իրենց լռութիւնը ցուցանիշ էր, որ անոնք կը մտածէին նաեւ հետագայ ընելիքին մասին: Յանկարծ երամի աւագ ներկայացուցիչը իր ձայնին ուժ տալով կ՛եզրակացնէ, թէ իրենք իբրեւ Կաղանդ պապուկի հաւատարիմ բարեկամներ, պարտաւոր են լծուիլ աշխատանքի, ճամբորդել աշխարհի չորս կողմը, եւ իբրեւ Կաղանդ պապուկի առաքելութեան ու տիպարի հաւատացող դեսպաններ, պիտի փորձեն վերակենդանացնել, վերաշխուժացնել եւ վերարմատաւորել սէրն ու յարգանքը, եռանդն ու խանդավառութիւնը, այլապէս` կարօտն ու հաւատքը Կաղանդ պապուկի հանդէպ, որպէս մարդկային գիտակցութեան ամենաբարձր դրսեւորում:

Անոնք կ՛երդուեն ի գին ամէն զոհողութիւններու տարածուիլ աշխարհով մէկ, այցելել բոլոր անոնց, որոնց մտքին ու հոգիին մէջ շիջած է այն զգացողութիւնը, չքացած է այն ապրումն ու հաւատքը, որ կը տածէին ժամանակ մը առաջ, հանդէպ մեծ նուիրեալին` Կաղանդ պապուկին, եւ ցոյց տալէ ետք իրենց վկայութիւնը, անպայման որ պիտի խրախուսէին բոլորը եւ զիրենք մղէին կարօտով սպասելու Ամանորին:

Կը պատմուի, որ ծիծեռնակները տիւ եւ գիշեր իրենց աշխատանքը կատարելէ ետք կը վերադառնան իրենց վաղեմի բարեկամին մօտ: Անոնք նկատած էին, որ հեռաւոր օճախներու մէջ վերականգնած էին տօնածառերը, գոյնզգոյն լոյսերը կը շողային, եւ ամէնէն կարեւորը` իւրաքանչիւր տան տօնածառի վրայ կախուած էին տարբեր չափի ամանորեան գուլպաներ, որոնք պիտի լեցուէին նուէրներով, Ամանորի իրիկունը, երբ Կաղանդ պապուկը տան ծխնելոյզէն իջնէր վար եւ ակնկալուած նուէրները զետեղէր գունաւոր գուլպաներուն մէջ:

Ի լուր ծիծեռնակներու պատմութեան եւ վկայութեան, Կաղանդ պապուկի ուրախութիւնը, խանդն ու եռանդը կը բազմապատկուի: Ան կը վերագտնէ իր երբեմնի աշխատանքի թափը եւ իր լրումին կը հասցնէ սրբազան աշխատանքը, սպասելով այն գեղեցիկ օրուան, երբ աշխարհով մէկ պիտի բաշխէ իր նուէրները:

Այս բոլորին մէջ ամէնէն ուրախ պահերը կ՛ապրին եղջերուները, որոնց սեւ աչուկները կը սկսին աւելի փայլիլ, դունչերը մեծնալ, ոտքերու թամբը աւելի զօրանալ, գետնի հարուածները արագանալ, բայց անոնց համբերութիւնը հատնիլ: Անոնք ամբողջ տարի մը կը սպասէին այս օրուան, բարձր տրամադրութեամբ սլացք առնելու եւ շրջելու աշխարհով մէկ:

Վստահաբար, Կաղանդ պապուկի բազում սահնակները, լեցուած անհամար նուէրներով, ընթացք առած կը սուրան դէպի մարդկութիւն, տեղի չտալով ոչ բուքին, ոչ ցուրտին, ոչ ալ սառնամանիք կլիմային: Անոնք` եղջերուները, շնորհիւ իրենց տոկուն մարմնին ու անկոտրում կամքին պիտի կարենան իր լրումին հասցնել Կաղանդ պապուկի վսեմ առաքելութիւնը, աւելի պայծառացնեն անոր անունը եւ իրականացնեն բոլորիս երազանքը:

Բարի Ամանոր:

 

 

«Էներգետիկա»ն՝ Որպէս Հայ-Իրանական Յարաբերութիւնների Առանցք. Դոկտ. Կարէն Խանլարեանի Դիտարկումները

$
0
0

ՍԻՒՆԷ ՖԱՐՄԱՆԵԱՆ

«Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտու աշխատանքների մեկնարկը եւս մէկ քայլ է հայ-իրանական յարաբերութիւնների՝ ընդհանրապէս, իսկ տնտեսական յարաբերութիւնների՝ յատկապէս առաւել զարգացման համար: «Ալիք»ի հետ զրոյցում նման կարծիք յայտնեց Իսլ. խորհրդարանում Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեանը:

«Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններն բաւականին հետաքրքիր դինամիկա (զարգացում-Խմբ.) են ունեցել վերջին տարիներին, եւ բաւականին հետաքրքիր փոփոխութիւններ կան յարաբերութիւններում», նշեց պատգամաւորը՝ յաւելելով. «Դա առնչուած է տարածաշրջանային՝ Հարաւային Կովկասի Իրան-Ադրբեջան, Իրան- Թուրքիա եւ Իրան-Ռուսաստան քաղաքական բարդութիւններով»:

Իրանահայ պատգամաւորը կարծում է, որ հայ-իրանական տնտեսական յարաբերութիւններն շարունակում են մնալ ռազմավարական նախագծերի կարօտ՝ յստակեցնելով. «Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններն կարող են, աւելի բարձր ռազմավարական մակարդակ թեւակոխել»: Նա համոզմունք յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ՀՀ եւ ԻԻՀ յարաբերութիւններն ռազմավարական դիտանկիւնից դիտարկել, եւ տնտեսական համագործակցութիւնների ստատուս քուոյի (իրողական վիճակ-Խմբ.) լոյսի տակ, առանցք դարձնել ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ ռազմավարական մտայնութիւնը:

Խանլարեանն անդրադառնալով Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտու գործարկմանն այն գնահատեց որպէս՝ «Հայ-իրանական յարաբերութիւնների զարգացմանն ու երկու հարեւան երկրների միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալի աւելացմանը նպաստող քայլ»: Այնուամենայնիւ կարծում է. «Տեսականից գործնական անցնելու համար անհարժեշտ են, որպէսզի համընկնեն ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ քաղաքական շահերը, ինչպէս նաեւ Իրանի պետական կառավարող շրջանակների կամքը»:

Դոկտ. Կարէն Խանլարեանը եւս կարծում է, որ Հայաստանը կարող է Իրանը ԵԱՏՄի եւ ԵՄի հետ կապող հնարաւոր կամուրջը դառնալ. «Չի բացառւում այն, որ Հայաստանը կարող է կամուրջ դառնալ կողմերի միջեւ, եւ հնարաւոր է տեսականօրէն յարաբերութիւնների զարգացման պատճառ դառնայ», ասաց նա՝  յստակեցնելով. «Հայաստանի կողմից Եւրոմիութեան հետ համաձայնագիր կնքելը կարեւոր քայլ է. թէեւ այն իրականութիւն դառնալու համար բազմաթիւ՝ երրորդ եւ չորրորդ երկրների, կառոյցների եւ իրաւական կազմակերպութիւնների համագործակցութեան կարօտ է»:

Շարունակելով դիտարկումը, պատգամաւորը նշեց. «Բազմաթիւ երկրներ են առնչուած փոխյարաբերութիւնների ձեւաւորմանը, եւ այս փուլում դեռեւս բացառուած է, որ  Հայաստանը միանգամից դառնայ կողմերի միջեւ կամուրջ, այնուամենայնիւ, սկզբնական քայլերի յաջողութեան համար, հարկաւոր է, երկկողմ գործնական համագործակցութիւնների մի ամբողջ համակարգ, ինչը հէնց Իրանի համար, էլ լաւ հնարաւորութիւններ է ապահովում»:

Կարէն Խանլարեանն անդրադառնալով Իրան-Հայաստան յարաբերութիւնների զարգացման հեռանկարին, կարեւոր համարեց գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական տեխնոլոգիաների, զբօսաշրջութեան, եւ «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտու համագործակցութեան խորացումը եւ ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ՝ երկու երկրների միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալների աւելացումը, մասնաւորապէս՝ էներգետիկ (ուժանիւթի-Խմբ.) ոլորտում, որի թւում են գազը եւ հիդրոքաղաքականութիւնը: Նա ընդգծեց. «Երկու երկրների առեւտրա-տնտեսական ոլորտի հարցերի լուծման առանցքը էնեգետիկան է»:

Կարէն Խանլարեանն համոզուած է. «Մեղրիում ազատ տնտեսական գօտու ստեղծումը կարեւորւում է նաեւ նրանով, որ այն բացուել է Իրանի հետ սահմանին, ինչը լրացուցիչ խթան կը հանդիսանայ երկու երկրների միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնների ակտիւացմանը, իրանական ընկերութիւնների ներգրաւմանը‘ ամրապնդելով ներկայումս առկայ համագործակցութիւնը»:

Պատգամաւորը պատասխանելով այն հարցին թէ, որն է երկու երկրների ժողովրդների, յատկապէս՝ իրանահայերի դերը Իրան-Հայաստան յարաբերութիւնների սերտացման գործում, մասնաւորապէս «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտու բացուելուց յետոյ, ասաց. «Բացի ռազմավարական ու տնտեսական գործօններից, երկու ժողովուրդների բարեկամութիւնը նոյնպէս հանդիսանում է Իրանի ու Հայաստանի միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւնների զարգացման կարեւոր ազդակներից մէկը, այստեղ մեծ դեր ունեն, հէնց իրանում ապրող՝ հայերը, որոնք կարող են ստեղծել  համագործակցութեան աննախադէպ հեռանկար, յատկապէս՝ երկու երկրների գործարար կապերի հաստատման գործում»:

Յիշեցնենք որ, «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտին ստեղծուել է ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ: Գօտու կազմակերպիչ է ճանաչուել պետութեան կողմից ստեղծուած Մեղրի ազատ տնտեսական գօտ»ջ ՓԲԸն: «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտու կառուցումը նախատեսուած է իրականացնել երկու փուլով:

Առաջին փուլով պէտք է ստեղծուէին նուազագոյն անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներ եւ նախապայմաններ ազատ տնտեսական գօտին գործարկելու եւ ազատ տնտեսական գօտում գործունէութիւն ծաւալելու հետաքրքրութիւն ունեցող ընկերութիւնների հետ տեղում աշխատանքները կազմակերպելու համար, ինչն արդէն իսկ իրականացուել է:

Երկրորդ փուլով նախատեսւում է ազատ տնտեսական գօտու գործունէութեան, ենթակառուցւածքների ընդլայնում, տարածքի յաւելեալ աւելացում 70 հեկտարով՝ այսպիսով  ստեղծելով նախապայմաններ շահութաբեր բիզնես գործունէութիւն ծաւալելու համար: Վերոնշեալ տարածքի շուրջ 50 հեկտարը կը յատկացուի շահագործողներին՝ իրենց գործունէութիւնը կազմակերպելու համար, 10 հեկտարը՝ լոգիստիկ-պահեստային տարածքների, մնացած տարածքները նախատեսուած են գրասենեակային եւ այլ ծառայութիւնների համար:

Ազատ տնտեսական գօտու գործունէութեան արդիւնքում առաջիկայ տարիներին նախատեսւում է ներգրաւել 50-70 շահագործող ընկերութիւններ, որոնք կիրականացնեն շուրջ 100-130 մլն. ԱՄՆ դոլարի ներդրումներ, կը ստեղծեն շուրջ 1500 նոր աշխատատեղեր եւ կարտահանեն շուրջ 250 մլն. ԱՄՆ դոլարի ապրանքներ եւ ծառայութիւններ:

«ԱԼԻՔ»


Քաղաքական Անդրադարձ. Տարին Աւարտեցա՞ւ

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

2017 տարին բաւական լուրջ քաղաքական ցնցումներ յառաջացուց Միջին Արեւելքի մէջ: Քաղաքական ցնցումներ արձանագրուեցան մասնաւորապէս Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին, Սուրիոյ, Ծոցի եւ Պաղեստինի մէջ: 2018 տարեշրջանին միջինարեւելեան տարածքի աշխարհաքաղաքական վիճակը ըմբռնելու  համար պէտք է շրջանային որոշ դէպքեր վերյիշենք եւ վերլուծենք 2018-ին տեղի ունենալիք քաղաքական դէպքերը: Անշուշտ այս բոլորը ենթադրութիւններ կ՛ըլլան, սակայն միջինարեւելեան քաղաքական իրադարձութիւնները միշտ ալ եղած են յանկարծակի, երբեմն կախեալ, երբեմն ալ` անկախ այլ քաղաքական դէպքերէ:

Քրտական Հարցը

2015-ին, Քոպանիի յաղթանակէն ետք, քրտական հարցը դարձեալ Միջին Արեւելքին մէջ սկսաւ իր ազդեցութիւնը ունենալ, անշուշտ յառաջիկայ տարիներուն նոյնպէս պիտի ունենայ: Քրտական գործօնը կարելի չէ անջատել ընդհանուր պատկերէն, երբ կը խօսինք Թուրքիոյ, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Իրանի ներքին կամ արտաքին յարաբերութիւններուն մասին: Իրանի մէջ քրտական գործօնը ամէնէն տկարն էր, իսկ Թուրքիոյ մէջ անոր ազդեցութիւնը գրեթէ անհետացաւ 2015-2016 տարեշրջանին, երբ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր քաղաքական խորամանկութեամբ կրցաւ բաժնել քիւրտերը եւ քաղաքական ու ընտրական հարուածներ ուղղել քրտամէտ Ժողովուրդներուն ժողովրդավարական կուսակցութեան: Սուրիոյ պարագային, կացութիւնը բարդ էր 2017-ին եւ այդպէս ալ կրնայ մնալ: 2017-ին քրտական ջոկատները կրցան ընդարձակել իրենց սահմաններն ու հասան Տէր       Զօր, անոնք իրենց հակակշիռին տակ առին նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի մայրաքաղաք Ռաքքան: Սակայն քիւրտերուն յենիլը ամերիկեան վստահութեան` նաեւ ունի եւ պիտի ունենայ իր վնասները: Ներկայիս եւ գոնէ յառաջիկայ տարիներուն համար Ռուսիա փաստեց իր ռազմական ու քաղաքական ուժը Սուրիոյ մէջ, եւ տակաւին քիւրտերը չկրցան ճանչնալ այս ուժը: Շատ հաւանական է, որ ռուսական եւ թրքական ճնշումներու պատճառով քրտական ջոկատները նահանջեն կարգ մը շրջաններէ եւ ճամբայ բանան սուր իական բանակին: Ասիկա կրնայ կատարուիլ միայն ռուսական երաշխաւորումով` պարզապէս կանխարգիլելու համար որեւէ թրքական թափանցում: Իսկ ինչ կը վերաբերի Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին, արդէն ինչպէս նախկին յօդուածներուս մէջ նշած էի, Մեսուտ Պարզանիի անխոհեմ քայլը առաջնորդեց զինք կործանման, եւ քրտական ինքնավար մարզը կրնայ անկայունութեան մատնուիլ` ստիպելով իրաքեան բանակին, որ իր հսկողութեան տակ առնէ այլ շրջաններ: Սուլէյմանիյէի մէջ դէպքերը եթէ այսպէս շարունակուին, շատ հաւանական է, որ վարչապետ Ապատի զօրքեր ուղարկէ շրջան: Իրաքի մէջ քիւրտերու կոյր վստահութիւնը ամերիկեան աջակցութեան` զիրենք տարաւ դէպի փակուղի: Հաւանաբար 2018-ը դառնայ այն տարին, երբ կը տեսնենք զիջողական մօտեցումներ եւ ռուս-քրտական մերձեցում մը:

Սուրիան Դէպի Խաղաղութի՞ւն

Սուրիական պատերազմին առաջին փուլը գրեթէ իր աւարտին հասած է, սակայն` ոչ տագնապը: Պատերազմին երրորդ փուլը կրնայ ըլլալ քրտական շրջաններուն մէջ: Երկու կողմերը` թէ՛ քրտական եւ թէ՛ կառավարական ուժերը կը խուսափին այսպիսի արիւնալի պատերազմէ մը: Մանաւանդ` քիւրտերը, որոնք պիտի ստիպուին ճակատիլ նաեւ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ դէմ: Իսկ եթէ պատահի այսպիսի պատերազմ, ապա քրտական կողմը պարտուած դուրս պիտի գայ: Իսկ քաղաքական տագնապը կախեալ է փետրուարին նախատեսուած Սոչիի հանդիպումներէն, եւ թէ` որքանո՛վ սուրիական ընդդիմութիւնը պիտի մասնակցի կառավարութեան հետ նախատեսուած բանակցութիւններուն: Անշուշտ հոս նաեւ կան հարցադրումներ, թէ ինչպիսի՛ ընտրութիւններ կը նախատեսուին, ինչպիսի՞ պետութիւն պիտի կառուցուի, ի՞նչ պիտի ըլլայ նախագահ Պաշշար Ասատի ապագան, արդեօք ընդդիմութիւնը պիտի ընդունի՞ զայն իբրեւ նախագահ: Այս բոլոր հարցումներուն տակաւին պատասխաններ չկան, եւ Ռուսիա նաեւ չունի անոնց պատասխանները: Շատ հաւանական է, որ Ռուսիա իր յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի ամրապնդէ Թուրքիոյ հետ, որպէսզի սիրաշահի ընդդիմութենէն խմբակ մը, իսկ միւս խմբակը, որ կը մնայ Սէուտական Արաբիոյ հովանաւորութեան տակ, այս պայմաններուն մէջ գրեթէ անկարելի է, որ որեւէ համաձայնութեան յանգի սուրիական կառավարութեան հետ: Հետեւաբար Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան ճամբան տակաւին երկար է եւ փշոտ:

Ծոցի Տագնապը

Մայիս ամսուն բռնկեցաւ Ծոցի տագնապը, որուն ընթացքին Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Պահրէյնը տնտեսական եւ քաղաքական պոյքոթի ենթարկեցին փոքրիկ Քաթարը, սակայն վերջինս տակաւին կանգուն կը մնայ: Գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի պաշտօնին ստանձնումէն ետք Սէուտական Արաբիա աւելի սուր քաղաքականութիւն վարեց Քաթարի ու Իրանի եւ անոնց դաշնակիցներուն նկատմամբ, Եմէնի դէպքերը եւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի անհիմն հրաժարականն ու ետդարձը ցոյց կու տան, որ մինչեւ օրս Սէուտական Արաբիա ոչ մէկ կէտ կրցաւ արձանագրել: Ընդհակառակն, իւրաքանչիւր քայլ կը նպաստէ Իրանի քաղաքական շահերուն եւ կը հզօրացնէ իր դաշնակիցները շրջանին մէջ: 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները քննութիւն մը պիտի ըլլան ՍԷուտական Արաբիոյ քաղաքական կշիռը փաստելու համար: Տակաւին ընտրական համաձայնութիւնները յստակ չեն, սակայն յստակ է մէկ բան, որ այս օրէնքով Մուսթաքպալ հոսանքը Պէյրութի երկրորդ ընտրաշրջանին եւ Թրիփոլիի մէջ պիտի կորսնցնէ որոշ աթոռներ` ի նպաստ իր սիւննի ընդդիմախօսներուն, մասնաւորապէս` հիւսիսի մէջ, ուր հզօր արմատական սիւննի ընդդիմադիր վիճակ կը տիրէ, եւ ասիկա փաստուեցաւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին: Եւ այս իրավիճակով դարձեալ Քաթարը եւ Սէուտական Արաբիան երկու հակադիր բեւեռներու մէջ պիտի ըլլան: Իսկ ինչ կը վերաբերի Ծոցի մէջ քաղաքական տագնապին, մինչեւ օրս ոչ մէկ փոփոխութիւն կ՛երեւի հորիզոնին վրայ, այլ, ընդհակառա՛կն, նոյնիսկ Թուրքիա մխրճուեցաւ այս տագնապին մէջ, որ շատ հաւանաբար յառաջիկայ տարի եւս շարունակուի:

Պաղեստի՞ն, Թէ՞ Իսրայէլ

Պատմական փաստի վրայ հիմնուած իրողութիւն մը պիտի չներկայացնեմ, ո՛չ ալ իրաւունքը ունիմ այդպէս ընելու, սակայն արաբներու անմիասնականութիւնը եւ անկարողութիւնը ցոյց տուին, որ պաղեստինեան դատը իր անկումը կ՛ապրի: Բոլորս ալ այն յոյսը ունէինք, որ գոնէ պաղեստինցիները պիտի ըմբոստանային: Անշուշտ խօսքը արաբներուն մասին չէ, որովհետեւ անոնց ըմբոստութեան ոգին շատոնց մեռած է, բայց յոյսերը շատ էին, որ Երուսաղէմի մէջ ժողովրդային յեղափոխոթիւն պատահէր: Այս մէկն ալ չեղաւ, հազիւ քանի մը փոքր ցոյցեր կատարուեցան, իսկ իսլամական եւ արաբական երկիրներուն մէջ` ոչինչ: Ասիկա կ՛ապացուցէ, որ պաղեստինեան հարցը կրնայ մտնել մութ ճամբայ մը, եւ հրեաներուն երազը իրականանալ` ստեղծելով հրէական Իսրայէլ մը, որուն մէջ ոչ հրեայ տարրը ընկճուած վիճակի մէջ ըլլայ:

Հայաստան այս տագնապալի վիճակին մէջ կրնայ որոշ ճկուն քաղաքականութիւն խաղալ, եւ այսօր է ժամանակը, որ օգտագործէ իր բարեկամական յարաբերութիւնները Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ եւ հաստատէ դիւանագիտական յարաբերութիւններ Սէուտական Արաբիոյ հետ: Այս է միակ ելքը, որուն միջոցով Հայաստան կրնայ որոշ չափով հակազդել թրքական եւ ազրպէյճանական հակահայ արշաւներուն` իսլամական եւ արաբական երկիրներուն մէջ: Վերը նշուած տագնապներուն համաձայն եւ շրջանի քաղաքականութիւնը սերտելով` հսկայական ու անկիւնադարձային փոփոխութիւններ կարելի չէ սպասել: Սակայն մեզի Միջին Արեւելքի քաղաքական կեանքը միշտ ալ սորվեցուցած է, որ պատրաստ պէտք է ըլլանք ամէն տեսակի քաղաքական ցնցումի: 2018-ը 2017-ի քաղաքական շարունակութիւնը չէ միայն, այլ` զայն ամբողջացնողը:

Yeghia.tash@gmail.com

Քաղաքական Որոշում Կայացնողները Կը Յենէին Ընկեր Աբոյի Ամբարած Ու Կուտակած Ուժին Վրայ

$
0
0

Շահան Գանտահարեանի խօսքը Աբօ Աշճեանի կիսանդրիի բացումին առիթով։

Պէտք է խոստովանիլ, որ բաւական դժուար է խօսիլ Դաշնակցութեան ժամանակակից պատմութիւնը կերտած ամենանուիրական դէմքերէն մէկուն մասին, որուն հետ անձնական ծանօթութիւն չէ եղած եւ որուն հետ գործակցելու պատիւին արժանանանլու առիթ չէ գոյացած։ Խնդիրը աւելի կը դժուարանայ երբ այս պարագային ընկեր Աբոն ոչ միայն թուղթին չէ յանձնած յուշեր, ապրումներ կամ մտածումներ այլ ընդհանրապէս չէ խօսած նաեւ այդ բոլորին մասին։ Ու տակաւին.գործին թելադրած անգիր սկզբունքներէն մեկնած իրեն նման չեն խօսած ու չեն խօսիր նաեւ անոնք, որոնք վայելեցին իր մտերմութիւնը, գործակցեցան իր հետ կամ կատարեցին իր յանձնարարականները։

Թէեւ հազուագիւտ պարագաներու հանդիսաւոր նշումով կամ հրապարակագրութեամբ խօսուած է Աբօ Աշճեանի մասին, սակաւաթիւ արժեւորումը կատարուած է անոր կուսակցական գործունէութեան, այսուհանդերձ ընկեր Աբոյի անունը կարծէք անընդհատ շրջանառութեան մէջ է, ոչ միայն զինք ճանչցած , անոր հետ գործակցած ընկերներու , այլ նաեւ իրերայաջորդ կուսակցական սերունդներու մօտ, որոնք, անձնապէս չճանչցան զինք, սակայն ժամանակի որոշ հեռաւորութենէ զգացին մեծ հեղինակութեան մը ադզեցութիւնը կուսակցական համատարած մթնոլորտի վրայ։

Նոյնքան հազուագիւտ կը պատահի նաեւ ա’յս իրականութիւնը։ Մեկնած հեղինակութեան մը մասին պաշտօնական, շռայլական գնահատականներէ եւ հանդիսաւոր արարողակարգային ծէսերու անհաղորդ մթնոլորտներէ հեռու, Մարդը, այս պարագային ղեկավարը, կը յիշուի իր շարժումներով, իր նկարագրի մանրամասնութիւններով, սակաւախօսութեամբ բայց շատ բան փոխանցող ուղերձներով, զուարթախօսութեան եւ խստաբարոյութեան օրինակներով,  համեստութեան գեղեցիկ փաստերով եւ մանաւանդ կազմակերպիչի գերազանց հմտութիւններ ունեցած ըլալու հանգամանքներով։

Եւ պէտք է մտածել անպայման պատիւի, առանձնայատկութեան այն ինքնազգացողութեան մասին, որ կ՛ապրին ու նեղ շրջանակներու մէջ կ՛ապրեցնեն նաեւ այն տղաքը, ընկեր Աբոյի ընկերները, որոնք իր հետ  գործակցելու, աւելի ճիշդը` ընկեր Աբոյի յանձնարարականները կատարելու առիթը, պատիւն ու երջանկութիւնը ունեցած են։

Կուսակցական տարբեր սերունդներու մօտ ընկեր Աբոյի ղեկավարած գործի փոխանցած հմայքին ստեղծած հետաքրքրութիւնը մղած էր այդ օրերու պատանեկանէ երիտասարդական մուտք գործած ընկերները կցկտուր տեղեկութիւններ քաղելու. Իմանալու համար , որ այդ տղաքը մնայուն պահակներն են ժողովուրդին, որոնք ուղղակի կապուած ընկեր Աբոյին` կը շարժէին միայն իր հրահանգով, իր ցուցմունքով. Փոխանցելով այն համոզումը, որ կը միջամտեն երբ հարկը զգացուի, երբ ճակատագրական պահ ստեղծուի, երբ վտանգը մօտենայ, երբ ահազանգը հնչէ. այն ժամանակուան պատանեկանի կամ ԼԵՄ-ականի մեր պատկերացումներուն մէջ անոնք վտանգ չէզոքացնող, ականազերծող, զինուորական արագ գործողութիւն իրականացնող փորձագէտ եւ մարտական հմտութիւն ունեցողներ էին, բոլորն ալ ենթակայ ընկեր Աբոյին, բոլորը կարգապահ զինուորները ընկեր Աբոյին։ Մէկ խօսքով Դաշնակցութեան արտակարգ իրավիճակի փրկարարական խումբը, որ կը գործէր լուռ, լուսարձակներէ հեռու եւ որ ներկայութիւն կը զգացնէր հազուագիւտ, ի պահանջեալ հարկին։

Աւելի ուշ գիտակցեցանք, որ համակարգի այդ բաժանմունքը, կուսակցական ժողովներու քնութիւններէ անցած, որոշումի կարգ ստացած եւ ընկեր Աբոյի իրաւասութեան յանձնուած կատարուելիք առաքելութիւնները կ՜իրականացնէր. Իմացած էինք թէ` Կեդրոնական կոմիտէի կամ շրջանային երկարատեւ ժողովներու ընթացքին ընկեր Աբոն լուռ, գրեթէ սֆինքսեան լռութեամբ կը հետեւէր այդ բոլորին, այդ բոլորէն դուրս կու գար առնելով իր գործի բաժինը ապա դարձեալ անտեսանելիօրէն կը ղեկավարէր  ու կը վերահսկէր Գործը։ Գործ մը, գործեր` ուր ինք տեսանելի չէր ,սակայն ուր կար իր ձեռագիրը։ Անթերի ու կատարեալ գործեր ստորագրած ձեռագիր մը։

Քիչ մը աւելի չափահաս եւ կուսակցական երեւոյթներու նկատմամբ մեր վերլուծական փորձերուն մէջ գիտակցեցանք, որ ընկեր Աբոն իր անձին ու իր գործին հանդէպ գոյառուած հմայքը բացարձակօրէն չէր կապած ներկազմակերպական խնդիրներու. բնական էր, որ լիբանանահայ համայնքի ապրած ամէնէն տաք օրերուն, ալեկոծէր նաեւ ներկուսակցական կեանքը, տարբեր հանգրուաններուն։ Ընկեր Աբոյի երկաթեայ պահուածքը, չներքաշուելու այդ բոլորին, անհպելի պահեց իր ղեկավարած կառոյցի վաստակած աւանդը, բարոյական դիմագիծը,եւ մանաւանդ խորհուրդը։ Պատճառ դառնալով, որ այդ կառոյցի տղոց ամենափայլուն դէմքերը, հաւանաբար կորիզը բաղկացնողները, զգան իրենց պատասխանատուութեան բարձր աստիճանաչափը։ Իրենց մարզին մէջ հեղինակութիւններ, որոնց մեծամասնութիւնը ո՜չ մասնակցեցաւ պատասխանատու ժողովներու, ո՛չ ալ անդամակցեցաւ մարմիններու բայց որ բոլորին մօտ ներշնչեց կուսակցութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորած ըլլալու փաստը։ Ապահովութեան զգացումը։

Նուրբ էր այս դրուածքը. Հաւաքագրուելով եւ որոշ գործերու մէջ, այո, ըստ էութեան ըլլալով իրօք առանձնաշնորհեալ, անոնք գիտցան կուսակցական կեանքի մէջ որեւէ գերակայութիւն չզգացնել ինչպէս թելադրուած էր իրենց, առաջին հերթին ընկեր Աբոյին կողմէ։ Անոնք յաջողեցան յաղթահարել առանձնաշնորհեալ կարգավիճակ ունեցած ըլլալու փորձութիւնը։

Նրբութեամբ արձանագրուած այս յաջողութեան կերտումին մէջ ընկեր Աբոն ի՛նք եղաւ կենդանի օրինակը։ Բոլորը կը վկայէին, որ կուսակցական ղեկավարութեան մօտ սքանչելի համատեղում գոյութիւն ունէր քաղաքական եւ մարտական մտածողութիւններու։ Ոչ անպայման կանոնագրով բառացիօրէն ճշդուած, այսուհանդերձ իւրաքանչիւր բաժնի դերը լռելեայն, ինքըստինքեան հասկցուած էր ու զիրար ամբողջացնող։ Եթէ ընկեր Աբոն լուռ էր ժողովներուն, ապա իր գործի վերաբերող քաղաքական բաժնի որոշումները առնողները անպայման կը յենէին իր ամբարած ու կուտակած ուժին վրայ։ Այդ ժամանակաշրջանը Լիբանանահայ համայնքի ամէնէն թէժ օրերն էին։ Երբ քաղաքական որոշում կ՛առնուէր, կար գիտակցութիւնն ու համոզումը, որ այդ որոշումի գործադրման համար կար ուժը. Ուժ, որ ստանձնած էր ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ ամբողջ ժողովուրդին անվտանգութիւնը։ Վաղուան պատմաբանը կ՜արձանագրէ անպայման, որ այդ ժամանակաշրջանին ինչպէս պահպանուեցաւ անվտանգութիւնը եւ թէ ինչ փայլուն կատարողականութիւն ցոյց տուաւ Դաշնակցութիւնը այդ առաջադրանքը կատարելու մէկ կողմէ քաղաքական շրջահայեացութեամբ եւ միւս կողմէ համայնքի ինքնապաշտպանութիւնը ամենափրոֆեսիոնալ եղանակով կազմակերպուած եւ ընկեր Աբոյի ղեկավարած զինուորական համակարգի դրսեւորումներով։

Մեր սերունդը, ֆիզիքական անմիջական հաղորդակցութեան առումով աղօտ պատկերացումը ունի ընկեր Աբոյի պայծառ կերպարին ։ Նորագիր ԼԵՄականներ էինք տակաւին, երբ իմացանք, որ երեսունը հինգ տարի առաջ ամանորի նախօրեակին թշնամիները առեւանգած էին Դաշնակցութեան ղեկավար դէմքերէն Աբօ Աշճեանը։ Շատ չանցած, անձրեւոտ օր մը, Պուրճ Համուտը պիտի ողողուէր բողոքող հայորդիներով, որոնք համաժողովրդային  հաւաքով  կը դատապարտէին Մեծ ընկերոջ առեւանգումը։  Մեր յիշողութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ ժամանակակից ղեկավարութեան դէմ կատարուած այս աքթը Դաշնակցութեան կողմէ ուղղակի կը վերագրուէր Թուրքիոյ։ Յանուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հրաչ Տասնապետեան կը յայտարարէր, որ ընկեր Աբրահամ Աշճեանի առեւանգումը նորագոյն մէկ օղակն է դաւերով, խաբէութիւններով, ահաւոր ճնշումներով եւ զանգուածային սպանդներով յատկանշուած պետական այն ահաբեկչութեան, որ թուրք բռնակալ սուլթաններու, ապա իթթիհատական Թուրքիոյ համաթուրանական վարիչներուն եւ վերջապէս թրքական հանրապետութեան ֆաշական ղեկավարութեան կողմէ գործադրուած է ու կը շարունակէ գործադրուիլ հայ ժողովուրդին հանդէպ։

Պարզ էր ուղերձը. Անգարան փաստօրէն պետական ահաբեկչութեամբ կը հարուածէր Դաշնակցութիւնը, փորձելով գլխատել հայկական իրականութեան մէջ ամէնէն կազմակերպ, կուռ եւ Թուրքիոյ հետ ուժային ոճով հակադարձելու կարողականութիւն ունեցող կուսակցութեան համապատասխան համակարգը։

Համաժողովրդային շրջանակներու համար խորհրդաւոր ուժի տէր այս անձը, շատերու մտապատկերին մէջ կը կաղնիանար իբրեւ ժառանգորդը Նիկոլ Դումաներու, Դրոներու , Նժդեհներու ու տակաւին հայ ժողովուրդը տարբեր օրհասներէ փրկած ղեկավարի յատկանիշներով գործած,  դաշնակցական հայդուկապետներու, որոնք իբրեւ գործելաձեւ յար եւ նման իրարու պատմութիւն կերտեցին ու պատմութեան անցան յաջորդաբար աղիւսելով այս կուսակցութեան մարտական կառոյցի վաստակած աւանդը։

Թուրքիոյ հասցէին Դաշնակցութեան կատարած ուղղակի, հասցէական վերագրումը մտածել կու տար, որ Անգարան գործի լծուած էր իրեն սպառնալիք նկատուող շարժումը չէզոքացնելու։ Բացի ձեռք բերուած տեղեկութիւններէ տեղական մակարդակով առեւանգման գործողութեան մասնակիցներու մասին, կար ընտրուած թիրախին` Թուրքիոյ համար ներկայացուցած վտանգի տեսութիւնը։

Յեղափոխական աւանդներու վերադարձի որոշումով յատկանշուած ժամանակաշրջանին մասին է խօսքը. թշնամիին հետ ուժային լեզուով խօսողներու հրամցուցած շարքի ընթացքին ձերբակալուողներու, կամ քաղաքական բանտարկեալ դարձող տղոց ինքնութիւնները մտածել կու տային յատուկ միջավայրի մը, իւրայատուկ դաստիարակութեան մը եւ առանց հետք ձգելու, առանց անմեղ զոհեր խլելու ազատագրական պայքարի աւանդական կռուելաձեւի մը մէջ պարփակուած բարոյական սկզբունքներու մասին։

Պատմութիւնը, սփիւռքագիտութիւնը յատկապէս վաղը անպայման յատուկ հատոր պիտի յատկացնէ այս բոլորի մասին առարկայական, գիտական եւ ըստ արժանւոյն գնահատականը տալու հայ ազատագրական շարժումի աւանդոյթներուն եւ բարոյական սկզբունքներուն հարազատ մնացած հերոսական արարքներու մասին, հեռու` որոշ իրողութիւններ նսեմացնելու կամ այլ իրադրութիւններ ուռճացնելու քարոզչաքաղաքական ծրագիրներէ։

Հետագայ այդ ուսումնասիրական աշխատանքներուն մէջ յաղթական պիտի կանգնի անպայման ընկեր Աբոն, լուռ ղեկավարէն մինչեւ վտանգաւոր օրհասներուն առաջնագիծի վրայ կանգնողը, Դաշնակցութեան յենասիւնը համարուած մարտական կառոյցը գլխաւորելէ մինչեւ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն Սարդարապատ ակումբի մաքրութեան լծուած պատանի ընկերուհիէ ջուրի դոյլը խլած եւ մաքրութեան մասնակցած համեստ ու հոգատար ընկերը, մինչեւ իր անձնական ապահովութեան համար այլ ընկերներու կեանքը վտանգել մերժած լուսաւոր դէմքը։ Մինչեւ պատանդուած վիճակի մէջ թշնամիին տեղեկութիւն չփոխանցելու համար ֆիզիքական ինքնաչէզոքացումի փորձ կատարած հերոսը։

Այս առիթով արժէ յիշել նաեւ հայ առաջին քաղաքական բանտարկեալի ազատ արձակման եւ անոր մասնակցած գործին զօրակցութիւն յայտնելու համար  ԼԵՄ-ի կազմակերպած զօրակցական ցոյցը. Կարեւոր անկիւնադարձ էր այդ ցոյցը երիտասարդութեան համար. առաջին զօրակցական դրսեւորումը կ՜ունենար հիմնական ազդեցութիւն` ազատագրական պայքարի վերադարձ կատարողներու նկատմամբ լիբանանահայ երիտասարդութեան  զօրակցական հետեւողական շարժումին վրայ։ Պէտք էր ուղղակի ապրիլ այդ օրերու երիտասարդութեան եռանդին, խանդավառութեան եւ անմնացորդ զօրակցելու համատարած մթնոլորտը. Շատ ուշ էր, երբ իմացանք, որ հակառակ տարբեր պայմաններու նկատառումով որոշ պատասխանատու ընկերներու կողմէ ցոյցը կազմակերպելու որոշումին դէմ դրուած արգելքին այդ ցոյցի կայացման առաջարկը վերանայուած էր. ցոյցը տեղի ունեցած էր եւ երիտասարդութիւնը բաւարարուած շնորհիւ ընկեր Աբոյին, որ անհրաժեշտ նկատած էր երիտասարդութեան մօտ ընթացքի մէջ եղող գործին նկատմամբ զօրակցական ալիքի բարձրացումը։

Յարգելի ներկաներ

Այս օրերուն Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանական համակարգի ղեկավարութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած է ազգ բանակ նախագիծը, որուն նպատակն է հիմնականին մէջ պատերազմող ժողովուրդի մօտ համատեղ զարգացնել քաղաքացիական եւ զինուորական մտածողութիւնները եւ ազգովին պատրաստ ըլլալ թշնամիի ոտընձգութիւնները դիմագրաւելու . ասոր առընթեր կը գործեն նաեւ Ես եմ եւ պատիւ ունեմ ծրագիրները, որոնք ընդհանուր գիծերու մէջ կը նպատակադրեն զինուորական ժամանակակից բարձրագոյն  կրթութեամբ որակաւորել հայկական սպայակազմը։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն պատանիներէն մինչեւ երիտասարդականի անդամներ, մինչեւ ԼՕԽ-ականներ եւ ժողովուրդի զաւակներ մինչեւ ակումբներու կամ յատուկ դիրքերու վրայ հերթափոխ պահակներ, բոլորը` համատեղած էին համայնքի անդամ ըլլալն ու Դաշնակցութեան դրօշին տակ ինքնապաշտպանութեան ընդհանուր գործին մասնակցիլը։ Լիբանանի մէջ ժողովուրդ-բանակ այս հասկացողութիւնը կը գործէր անթերի , բարձր մակարդակով։ Եւ ըստ էութեան յաջողագոյն մանրանկարն էր այն նախագիծին, որուն կը ձգտի այսօր  մեր պետութիւնը։ Ժողովուրդ-բանակ այս համակարգին մէջ «ես եմ» կամ աւելի ճիշդը «մենք ենք» կ՛ըսէին անոնք, որոնք կը գործէին ընկեր Աբոյի անմիջականութեամբ եւ որոնք նաեւ պատիւը ունէին ընկեր Աբոյի ղեկավարած դաշնակցական կառոյցին մաս կազմած ըլլալու։

Կառոյց, որ ոչ միայն պատուով կատարեց իրեն վստահուած կուսակցական որոշումները Լիբանանի մէջ, այլ ամբողջ հայ ժամանակակից ազատագրական շարժումին նոր փայլք ապահովեց, քանդելով լռութեան պատը եւ ճամբայ հարթելով հայոց պատմական իրաւունքներու վերականգնման քաղաքական աշխատանքներուն։

Այդ փայլուն կատարողականութիւնը, առաջին հերթին, հայութիւնը կը պարտի ընկեր Աբոյին. յարգա՛նք իր վաստակին։

Շնորհակալութիւն։

 

Ակնարկ. Իրան` Արտաքին-Ներքին Ուրուագիծերու Համընկնումները

$
0
0

Իրանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերու մասին վերլուծումներ ընելը տակաւին կանուխ է: Անշուշտ, մօտէն հետեւիլը եւ իրադարձութիւններու զարգացման մասին հաղորդելը հայկական որեւէ  լրատուամիջոցի համար պարտադիր է` նկատի ունենալով նախ եւ առաջ Իրանի ներկայացուցած ռազմավարական նշանակութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն համար եւ երկրորդ` նկատի ունենալով իրանահայ համայնքի իրականութիւնը:

Այնուամենայնիւ, այս պահուն կ՛արժէ քանի մը դիտարկում ընել իրադրութիւններու ընդհանուր համապատկերը նկատի ունենալով: Ժողովրդային ցոյցերը համարեա միաժամանակեայ էին Ուաշինկթընի եւ  Թել Աւիւի միջեւ կայացած համաձայնութեան, որ կը վերաբերէր Թեհրանի դէմ զսպման գործողութիւններ կազմակերպելուն: Ինչ որ  համոզիչ կը դարձնէ պաշտօնական Թեհրանի շրջանակներէն հնչած յայտարարութիւնը, թէ ներիրանեան խլրտումները ունին արտաքին ներշնչանք` ակնարկի սլաքները ուղղելով Ուաշինկթընին: Բացի այս իրականութենէն, կայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յայտարարողական աջակցութիւնը ցոյցերուն եւ ամերիկեան պետական շրջանակներու դատապարտումները ցոյցերուն դէմ ի գործ դրուած ճնշամիջոցներուն: «Իրանը ձախողման մէջ է բոլոր մակարդակներու վրայ` հակառակ Օպամայի վարչակարգին սարսափելի գործարքին: Իրանցի մեծ ժողովուրդը ճնշուած է տարիներ շարունակ: Անոնք քաղցած են սնունդի եւ ազատութեան: Իրանցի ժողովուրդին իրաւունքներն ու հարստութիւնը կը թալանուին: Եկած է  փոփոխութիւններու ժամանակը», յայտարարած է նախագահ Թրամփ:

Զսպման գործողութիւններու շարժառիթը խորքին մէջ Իրանի զինուորական ներկայութեան եւ քաղաքական ազդեցութեան տարածումն է Պաղեստինի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ  Եմէնի մէջ: Եւ երբ ցուցարարները կը պահանջեն «կենսաթոշակային ֆոնտերէն թոշակի եւ աշխատավարձի ամիսներու պահանջ ունեցող բանուորներու եւ կամ խաբուած աւանդատուներու մէկ մասը կը քննադատեն պետութեան կողմէ միջինարեւելեան տարբեր երկիրներու յատկացուող պիւտճէները, փոխանակ զանոնք յատկացնելու իրենց երկրի ներքին պահանջներուն», կ՛ուրուագծուի արտաքին եւ ներքին յայտարարութիւններու  զուգահեռներ:

Միեւնոյն ցոյցերուն նկատմամբ Անգարայի գնահատականի ոճն ու դիրքորոշումը հիմնովին տարբեր են այս պարագային: Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Թուրքիան մտահոգ է Իրանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերէն եւ կը զգուշացնէ մագլցողականութենէ:

Այս յայտարարութիւնը միանգամայն կը յիշեցնէ Էրտողանի հռետորաբանութիւնը, երբ ան մեկնաբանելով Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող  քաղաքացիական շարժումներու ցոյցերը, զանոնք կ՛որակէր Արեւմուտքի արտադրութիւնը. այդ ցոյցերուն նպատակն էր, ըստ իրեն, մասնատել Թուրքիան:

Անգարայի յայտարարութեան մէջ թէեւ հասցէական սլաք ուղղակի չկայ, այնուամենայնիւ, այս պահուն, զուսպ ըսելաձեւով, հիմնականին մէջ Անգարան կը զօրակցի Թեհրանին, այն ուրուագծագրումը ընելով, թէ իսրայէլա-ամերիկեան ճակատին դիմաց  ձեւաւորման ընթացքի մէջ է  թուրք-իրանեանը:

Խնդիրը հայկական դիտակէտի համար երկու կարեւոր ուղղութիւն կը գծէ.

Նախ կայուն Իրանի անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ցամաքային կարեւոր ելքի եւ ապրանքաշրջանառութիւններու նկատառումներով: Երկրորդ, արցախեան հիմնահարցին մէջ Իրանի հաւասարակշիռ եւ կայունացնող հանգամանքի եւ արդէն հետեւողական վարքագիծի վերածուած թէ՛ յայտարարողական եւ թէ՛ գործնական պահուածքը:

Ցոյցերը առաւելաբար կը հնչեցնեն կրօնական ազատութեան եւ յատկապէս կենցաղային, ընկերային-տնտեսական բնոյթի վերաբերող պահանջներ: Ազգային հարթութեան անցումը տակաւին տեսանելի չէ: Այլ խօսքով, ծագումով ազրպէյճանցի ազգաբնակչութեան գործօնի շահարկումը Պաքուի կողմէ կը մեկնաբանուի Անգարայի հրապարակած պահուածքին հակասող քայլ:

«Ա.»

Օրուան Հարցերուն Հետ. Շահատուրքերու Բարեփոխման Օրէ՞նք, Թէ՞ Արդի Աւատապետութիւն

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Այն օրերուն, երբ նախագահ Տոնըլտ Թրամփ աշխարհը կը զբաղեցնէր Հիւսիսային Քորէայի, Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու, ռուսական «միջամտութիւններ»-ու, իսլամական  ու լատինամերիկեան երկիրներու դէմ բազմապիսի արգելքներու եւ այլ «հնարքներ»-ով, իսկ զուգահեռ գիծերու վրայ, լրատու աղբիւրներ, «օրը նոր, գայթակղութիւնը` նոր» սկզբունքով, իրարու ետեւէ հրապարակ կը նետէին շարժապատկերի-պատկերասփիւռի ու քաղաքական աշխարհի կարգ մը մարդոց անբարոյ վարմունքին մասին` Պիլ Քլինթըն-Մոնիքա Լիուինսքի գայթակղութիւնը նսեմացնող դրուագներու շարանը (բոլորն ալ`  արժանի առանձին քննարկման ու քննական մեկնաբանութեան), ամերիկեան խորհրդարանը, իր երկու տուներով, երկու օրուան մէջ վաւերացուց եւ նախագահին յղեց շահատուրքերու բարեկարգումի եւ աշխատանքի կարգաւորման օրինագիծ մը, որ վաւերացնողներուն կողմէ ժողովուրդին ու աշխարհին հրամցուեցաւ իբրեւ վերջին աւելի քան 30 տարիներու «ամէնէն արմատական բարեկարգում»-ը, եւ որ` ամենայն բարիք կը խոստանայ զանգուածներուն, պիտի բարելաւէ ժողովուրդին նիւթական-տնտեսական վիճակը: Խորհրդարանական այս բեմադրութենէն ետք ոչ ոքի համար անակնկալ էր օրինագիծին ստորագրումը` նախագահին կողմէ, որ պատկերասփիւռի ոսպնեակներուն դիմաց իբրեւ «մեծ յաղթանակ» տօնեց այս իրագործումը` յայտարարելով, որ ամերիկացի ժողովուրդին իր տուած խոստումը կ՛իրականանայ` իբրեւ Ամանորի նուէր…

Անմիջապէս արձանագրենք, որ օրէնքը ընդհանուր առմամբ դիմաւորուեցաւ սուր քննադատութիւններով, որովհետեւ անոր մասնակի ու երեւութական բարի խոստումներուն ետին պահուըտած են տնտեսական-ընկերային արհաւիրքներ, որոնց զոհը պիտի ըլլան ժողովրդային զանգուածները, իսկ գլխաւոր օգտուողները` նիւթական հսկայական կարողութիւններով օժտուած փոքրամասնութիւն մը: Քննադատութիւններն ու արդար մատնանշումները ծայր առած էին օրինագիծի քննարկման օրերուն, հնչած էին զգուշացման կոչեր, սակայն օգտուող փոքրամասնութիւնը վճռած էր «իր էշը յառաջ քշել», այդպէս ալ ըրաւ:

Թէեւ այս օրէնքը անմիջականօրէն կը շահագրգռէ ամերիկացի ժողովուրդը, սակայն անիկա անուղղակիօրէն հրամցուեցաւ նաեւ աշխարհին` իբրեւ օրինակելի ուղեցոյց, որովհետեւ մօտակայ ու հեռաւոր երկիրներ (ինչո՞ւ չէ, նաեւ մեր Հայաստանը) եւս կը հետեւին Ուաշինկթընէն ծնած «հնարքներուն», հարկադրուած կը զգան կապկելու զանոնք, կամ` մրցակցելու այսպիսի հնարքներու հետ, որովհետեւ, կարճ խօսքով, համաշխարհայնացումը ա՛յդ կը թելադրէ, ու նման քայլերով ճամբայ կը հարթուի որոշ փոքրամասնութեան մը կողմէ նիւթական միջոցներու սեփականացման, դրամագլուխներու բուրգին խարիսխէն դէպի փոքրադիր գագաթ հոսքի արագացման, դրութիւն մը, որ տարուէ տարի ինքզինք աւելի՛ զգալի կը դարձնէ աշխարհի տարածքին, եւ` ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու եւ անոր նման Ա. Աշխարհին պատկանող երկիրներու մէջ: Այս ընթացքը նաեւ պատճառ կը դառնայ, որ պետական իշխանութիւնները վարկաբեկ դառնան ու արժեզրկուին յաչս ժողովուրդին, իշխանութիւններուն իրաւասութիւններն ու հեղինակութիւնը իրողապէս սահին նիւթական կարողութիւններով օժտուած` բուն իշխողներու ափին մէջ: (Վերջին տարիներուն ա՛լ սովորութեան վերածուած է կառավարութեան պիւտճէի վաւերացումը պատանդ բռնելը` իրողական այս կամ այն խմբաւորումի շահերուն, ու երբ խորհրդարանին կողմէ վաւերացումը ուշանայ, զրոյցներն ու սպառնալիքները կը բազմանան «կառավարութիւնը փակելու» մասին. նոյնը եղաւ նաեւ այս օրէնքի վաւերացման օրերուն ու անոր վաղորդայնին…):

***

Եթէ հպանցիկ քննարկումներէ քիչ մը աւելի խորաթափանց կերպով մտնենք այս հսկայական թղթածրարին հաւաքագրման ու քննարկումներուն ոլորապտոյտին մէջ, վստահաբար ընթերցողն ալ շփոթի պիտի մատնենք ստեղծուած լաբիւրինթոսին մէջ. բաւականանանք միայն յիշեցնելով, որ այս օրէնքը թրամփեան խոստում մըն էր ընտրապայքարի օրերէն ի վեր եւ կը ձգտի «Ամերիկան վերստին մեծ-հեղինակաւոր դարձնելու» անոր «վարդապետութեան» իրականացման (որ, ի դէպ, համբակի ընդօրինակութիւն մըն է ռիկընեան «վարդապետութեան»): Անիկա երկար ատենէ ի վեր կը քննարկուէր (գոնէ այդպէս կը ձեւացուէր) խորհրդարանական ոլորտներուն մէջ` յանձնախումբեր, ծերակոյտ, Ներկայացուցիչներու տուն, քիչ մըն ալ` մամուլ-քարոզչական մեքենաներ. վաւերացումէն շուրջ երկու շաբաթ առաջ անիկա հանդիպեցաւ որոշ խոչընդոտներու, եւ եղաւ պահ մը, երբ կը կարծուէր, որ այս օրէնքն ալ աւազախրումի պիտի ենթարկուէր, ինչպէս որ եղած էր պարագան «Օպամա քեր»-ին. յետոյ, վերատեսումներ տեղի ունեցան, մինչեւ որ յանգեցաւ խորհրդարանական փոքր մեծամասնութեան մը կողմէ ընդունելի ներկայ տարազին եւ ստացաւ զոյգ տուներուն կնիքը: Իրազեկ աղբիւրներ կ՛ըսեն, որ բազմահարիւր էջերով օրինագիծին մանրամասնութիւններն ու ծալքերը ծանօթ են միայն սակաւաթիւ խորհրդարանականներու, անոր վաւերացումը կատարուած է «որոշ` վերէն եկած թելադրանքներով», ինչպէս որ աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, նախագահ Պուշի օրով որդեգրուեցան Իրաքի վրայ յարձակման ու (իբր թէ) երկրին անվտանգութիւնը ապահովելու ձգտող կառոյցներու արարման օրինագիծները, յետոյ, տարիներ ետք բացայայտուեցաւ, որ խորհրդարանականներ քուէարկած էին… առանց բանաձեւերը կարդալու: Հիմա կ՛ըսուի, որ կարդացողներուն թիւը աւելի մեծ է:

Այլ խօսքով, այս օրէնքին «բարիքներէն» վնասուելիք զանգուածին կարծիքն ու շահերը լուսանցքայնացուած են` անգամ մը եւս ապացուցելով, որ ժողովուրդի ներկայացուցիչները ըլլալ յաւակնող խորհրդարանականներուն մեծամասնութիւնը ժողովուրդը չի ներկայացներ, այլ պաշտպանն է նիւթական կարողութիւններով գերհզօրներու շահերուն: Այս մասին` նաեւ քիչ մը անդին:

***

Անցնինք աւելի էական, հետեւաբար նաեւ` վրդովեցնող մտահոգութեանց:

Նախագահն ու իր համախոհ-գործակիցները օրինագիծին վաւերացումէն առաջ իսկ լծուած էին զայն «ծախելու» քարոզչութեան, թէ` անիկա միայն ու միայն բարիք կը խոստանայ ժողովուրդին: Գլխաւոր «դրօշակ»-ը կը կրէ շահատուրքերու նուազումի, հետեւաբար պաշտօնեային ու աշխատաւորին, այսինքն սահմանափակ եկամուտ ունեցողին քիչ մը աւելի եկամուտ ապահովելու հաւաստիքը: Անկախ այն իրողութենէն, որ օրինագիծը քիչ թէ շատ հասկնալու համար մարդս պէտք է մանուածապատ բանաձեւեր վերծանելու վարպետ ըլլայ (կարգ մը մասնագէտներ իսկ կը խոստովանին, որ հասկնալու դժուարութիւն ունին ու, հետեւաբար, դուռը լայն կը բացուի հակասական մեկնաբանութիւններու), բացայայտ է, որ այս հարցը, ինչպէս` բազմաթիւ այլ էական հարցեր, հսկայական երկփեղկում ստեղծած է օրէնսդիրներուն ու ժողովուրդի տարբեր խաւերուն միջեւ, ու եթէ օրէնքը ունի դրական երեսներ, անոնք կը կքին բացասականի բեռներուն տակ (կը մոռցուի նաեւ, որ օրէնքները, ըստ էութեան, կոչուած են ժողովուրդին բարիք բերելու):

Նախ խօսինք թիւերով (*). ծերակոյտը օրէնքը վաւերացուց 48-ի դէմ 51 քուէով, այսինքն` 3 ձայնի առաւելութեամբ մը (հանրապետական Մաքքէյն առողջական պատճառներով բացակայ էր նիստէն, ներկայութեան պարագային, քուէներուն պատկերը պիտի ըլլար 51-ով 49), իսկ Ներկայացուցիչներու տունը վաւերացուց 201-ի դէմ 244 քուէով, որ այդքան ալ փայլուն առաւելութիւն մը չի նշանակեր նման ճակատագրական ու ծանրակշիռ հարցի մը դիտանկիւնէն: Ի դէպ, բանաձեւին դէմ քուէարկողներուն շարքին էին… 12 հանրապետականներ, մինչդեռ դեմոկրատները միաձայն էին իրենց մերժումին մէջ: Այս թիւերը (ոչ ալ, անշուշտ, երգիծաբաններուն սրամտութիւններն ու զիրենք ձաղկողները, նաեւ` զանգուածներուն ցասումը) մտահոգութիւն չեն պատճառեր թրամփականներուն, որովհետեւ անոնք ի սկզբանէ ապահոված էին անհրաժեշտ քուէները, իսկ «երկու թելի վրայ պարողներ»-ու քուէները ապահովուեցան քիչ մը ուշացումով, իբր թէ երկու տուներու նախագիծներուն միջեւ տարբերութիւններու լուծման գնով (ո՛չ ոք պիտի գիտնայ, թէ արդեօք ո՞վ զո՛վ եւ ի՞նչ միջոցներով կաշառեց. չմոռնանք, որ քաղաքական աշխարհին մէջ կաշառքը միայն դրամով չ՛ըլլար): Եւ ահա, փաստը այն է, որ ոչ ժողովրդական եւ մեծ կարեւորութիւն ունեցող օրէնք մը կ՛որդեգրուի փոքր մեծամասնութեամբ մը. կասկածելի կը մնայ, թէ յառաջիկայ ընտրութիւններուն, եթէ դեմոկրատները շահին խորհրդարանի աթոռներուն մեծ մասը, պիտի համարձակի՞ն զայն վերատեսութեան ենթարկելու քայլ առնելու… Չէ՞ որ Օպամայի օրով իրենց վայելած առաւելութիւնը ամիսէ ամիս մսխեցին եւ ենթակայ մնացին նո՛յն լծակներուն, որոնք այսօր աւելի բացայայտ կերպով կը բանին:

Խորհրդարանէն դուրս, ինչպէս նշեցինք, պատկերը բոլորովին տարբեր է եւ նպաստաւոր չէ նոր օրէնքին. ըստ կարգ մը վիճակագրութեանց, ժողովուրդին միայն 30 առ հարիւրը կողմ է նոր օրէնքին. աւելի՛ն, մեկնաբանները կը հաւաստեն, որ անիկա անխուսափելի չարիք պիտի ըլլայ երկար ժամանակի վրայ` թէ՛ ժողովուրդի զանգուածին եւ թէ՛ պետութեան, որովհետեւ տուրքերու կրճատումը ունի ի՛ր բազմերես պատմութիւնը. կրճատումներուն պատճառով, պետութեան պիւտճէի բացը, ըստ պաշտօնական տուեալներու, պիտի աւելնայ մօտաւորապէս 1,5 եռիլիոն (թրիլիըն) տոլարով (դաշնակցային կառավարութեան պարտքը ներկայիս հասած է մօտաւորապէս 20,5 եռիլիոն տոլարի` առանց հաշուելու նահանգային եւ այլ պարտքեր. այս գումարը ժողովուրդին վրայ բաժնելով` իւրաքանչիւր ամերիկացի կ՛ունենայ աւելի քան 62 հազար տոլար պարտք…). իսկ թէ ոչ պաշտօնական յաւելումը ի՞նչ պիտի ըլլայ, Ողիմպոսի բնակիչներն անգամ չեն կրնար գուշակել. կրնայ տեղեակ ըլլալ միայն այն «խունթա»-ն, որ ձեւեց-չափեց «բարեկարգումի ծրագիր»-ը: Եւ այժմէն իսկ ահազանգ կը հնչեցուի, թէ վաղը-միւս օր, երբ կառավարութիւնը իր այս կամ այն ծրագիրին համար նիւթական աղբիւրները չորցած գտնէ, աչքերը պիտի ուղղուին այնպիսի՛ պահեստներու կամ գանձանակներու, որոնք կը կոչուին ընկերային ապահովութեան սնտուկ ու նմանակներ, կամ` կացինը պիտի իջնէ հանրօգուտ այլ ծրագիրներու գլխուն, պիտի սահմանափակուին կրթական եւ այլ ծրագիրներու պիւտճէները (եւ ըստ այս դիտանկիւնէն կատարուող մեկնաբանութիւններու, Թրամփ ու ընկերներ այլեւս պէտք պիտի չունենան հետապնդելու «Օպամա քեր»-ի ջնջումը, որովհետեւ նման հարցեր այս ընթացքով ինքնաբերաբար պիտի լուծուին ի վնաս անոնցմէ օգտուողներուն: Մինչ այդ Օպամա կրնայ զուարճանալ, որ իբրեւ Կաղանդ պապուկ` Ամանորի նախօրեակին, նուէրներու տոպրակ մը շալկած, մանուկներու այցելած է…): Հետեւանքը կրնայ ըլլալ այն, որ տարեցներ ու նպաստընկալներ անձուկ վիճակի մատնուին, անբնակարան դարձած ընտանիքներու թիւը յաւելում կրէ: Իսկ ո՞վ գիտէ, որ անբնակարան ըլլալն ու հարկադրաբար վրանաբնակ դառնալը ոճիր հռչակուած է իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք կը փակեն նման «աւաններ»: Թշուառ ցուցարարներուն «թող կարկանդակ ուտեն» յանձնարարող Մարի Անթուանեթի նորօրեայ թոռները վաղը կրնան մինչեւ իսկ օրէնքներ մշակել, որ հանգստեան թոշակ-նպաստ ստացող տարեցներ հրաժարին երկարակեցութենէ, ու աշխարհէն կանուխ չուելու դուռեր բանան անոնց դիմաց…

***

Մեծ տարակարծութիւններ չկան, որ այս ծրագիրը առա՛տ, շա՜տ առատ «իւղ կը քսէ» մեծ հարստութիւն կուտակած ընկերութեանց ու անհատներու հացին, իսկ մեծամասնութեան շնորհուած զեղչերը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ` աչքի փոշի, որ սակայն պէտք է փարատէ կուրութիւնը եւ ոչ թէ աւելի եւս ծանրացնէ զայն: Կ՛արժէ միայն յիշեցնել, որ շուրջ տասնամեակ մը առաջ, տնտեսական տագնապի օրերուն, երբ իշխանութիւնները կը փութային հսկայական գումարներ հոսեցնել դրամատնային ու ելեւմտական «սնանկացող» սնտուկներու մէջ` զանոնք փրկելու նախանձախնդրութեամբ, բարեսի՜րտ նախագահ Պուշ  չմոռցաւ ժողովուրդը, եւ 600-ական տոլարի գումարներ հասան ամսականաւորներու: Այդ օրէն ասդին քիչեր կը հետեւին (թէեւ ամէն մարդ մտահոգ է) ապրուստի սղութեան աննահանջ աճին, մինչդեռ եկամուտները վերածուած են շատ դանդաղ աճող ուխտի պոչի: Սպասելի է, որ վաղը պատկերասփիւռներէ ծանուցուին ժողովուրդին փոխատուութիւն «շնորհելու» այնպիսի միջոցներ, որոնք այժմէն իսկ որոշ սնտուկներ ուղղեն շահատուրքերու նուազումէն խնայուելիք գումարները…

Դիմենք քանի մը այլ թուանշաններու (աւելին քրքրելը յաւելեալ լոյս պիտի չսփռէ յամենայն դէպս): Հաւաստիքը այն է, որ յառաջիկայ տարիէն սկսեալ, երբ օրէնքը ի զօրու պիտի դառնայ, մահկանացուներու շահատուրքերը պիտի նուազին միջին հաշուով 1.600 տոլարով: Մինչեւ 25.000 տոլար եկամուտ ունեցողներ պիտի վճարեն 60 տոլար նուազ տուրք, իսկ մինչեւ 149.000 տոլար շահողներ` 7.600 տոլար նուազ տուրք: Այս մահկանացուներուն համար օրէնքը ի զօրու պիտի մնայ մինչեւ 2026, ապա, վերատեսութիւն պիտի կատարուի ու մինչեւ 75.000 տոլար շահողներու տուրքերը պիտի բարձրանան անբաղձալի համեմատութեամբ (որ հաւանաբար պիտի նշանակէ, թէ քանի մը տարուան մէջ շնորհուած խնայողութիւնը շուտով պիտի «փոխհատուցուի»): Իսկ եթէ խօսինք ոչ հասարակ մահկանացուներուն, այսինքն` հսկայական եկամուտ-շահ ունեցող ընկերութիւններու ու անհատներուն մասին (ամէնէն «առատաձեռն» հաշուարկով` ժողովուրդին 5 առ հարիւրին), անոնց տուրքերու համեմատութիւը 35 առ հարիւրէն կ՛իջնէ 21 առ հարիւրի: Այս դրութիւնը ժամանակ չի ճանչնար, ինչպէս որ է պարագան սահմանափակ եկամուտ ունեցողներուն, այսինքն 2026 տարին վերատեսութեան թուական չէ անոնց համար:

Պարզ խօսքով, որքան շատ եկամուտ ունիս, այնքան քիչ տուրք կը վճարես:

Բացատրութիւնը կամ անհամաչափութեան արդարացումը կ՛ըլլայ սապէս. մեծ գումարներ ապահովողները աւելի՛ մեծ գումարներ պիտի վճարեն իբրեւ շահատուրք (այսինքն, եթէ մէկը կը շահի 50-60 հազար տոլար, կը վճարէ քանի մը հազար, մինչդեռ բազմամիլիոններ ու միլիառներ ապահովողը կը վճարէ հարիւր հազարներ կամ աւելի…): Յիշողութիւններէ դուրս վանուած է այն, որ տասնամեակներ առաջ, երբ շահատուրքերու աւելի արդար դրութիւն մը կար, մեծ եկամուտ ունեցողներ տոկոսային համեմատութեամբ աւելի մեծ գումարներով տուրք կը վճարէին, քան` սահմանափակ եկամուտ ունեցողներ. սակայն տասնամեակներէ ի վեր, այսինքն` յետռիկընեան իշխանութեանց օրով (եւ հոս այլեւս հանրապետականի-դեմոկրատի տարբերութիւն չկայ), օրէնքին մէջ քայլ առ քայլ այնպիսի «բարեփոխութիւններ» կատարուած են, եւ մի՛շտ` օրէնսդրութեան ճամբով, որ ահաւասիկ հասած ենք մեծ անարդարութիւնը օրէնքո՛վ ամրագրող այս տարազին: Իսկ թէ ինչպէ՛ս պատահած է այս «սահանքը», կը բաւէ արձանագրել մեկնաբաններու եւ իրազեկներու այն հաստատումները, որ աշխարհածաւալ ընկերութիւնները, որոնք «պահուըտած» են ամերիկեան ընկերութիւններու անուան տակ, ժրաջան աշխատանք տարած են տարուէ տարի` ի հարկին խորհրդարանականներ իրենց կողքին շահելով ու մինչեւ իսկ բարձրագոյն ոլորտներու վրայ մարդիկ (նախագահներ, նախարարներ) «տեղադրելով», որպէսզի այս «բարեկարգումները» օրէնքի կարգ անցնին. ժողովուրդն ալ «մարզումի» ենթարկուած է, որպէսզի չկարենայ ձայն բարձրացնել օրէնքին դէմ. չէ՞ որ օրէնքը մարդոցմէ, մինչեւ իսկ նախագահներէ աւելի բարձր է… (այս տողերը ո՛չ անիշխանականութեան քարոզ են, ո՛չ ալ օրէնքը անտեսելու-ոտնակոխելու հրաւէր):

Ահա թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէինք, երբ քիչ առաջ կը նշէինք, որ իշխանութեան բարձրագոյն ոլորտները գրաւողներուն մեծամասնութիւնը դադրած է ժողովուրդին, այսինքն ընտրող մեծամասնութեան ներկայացուցիչը ըլլալէ: Այս մասին նոյն տէրերուն լծակից դարձած մամուլն ալ լռութեան մատնուած է, իսկ բողոք բարձրացնողներուն ձայները կը կորսուին աղճատուած ու խեղաթիւրուած մամուլին ստեղծած աժան աղմուկին մէջ:

***

Խտրական ու անարդար այս դրութիւնը կ՛արդարացուի նաեւ հազար ու մէկ պատճառաբանութեամբ, որոնցմէ արձանագրենք մէկ քանին` անոնց դիմաց դրուած արդար հակաճառութիւններուն հետ միասին:

Կ՛ըսուի, որ կարգ մը գործատէրեր ու հսկայ ընկերութիւններ իրենց դրամագլուխները «փախցուցած» են այլուր (աւելի պարզ բառերով` ստեղծուած են օֆ-շորային «ապաստանարաններ»), ուր կուտակուած են աներեւակայելիօրէն վիթխարի հարստութիւններ. իսկ թէ ո՞ր օրէնքը արտօնած է նման փախուստ, կամ` օրէնքը ինչպիսի՞ խեղկատակ թեքումներու ենթարկուած է նման բացթողումներու համար, ուրիշ հարց. հիմա կ՛ըսուի, որ եթէ այդպիսիներու շահատուրքերը զգալի նուազումի ենթարկուին, ինչպէս կ՛ընէ այս օրէնքը, դրամագլուխները վազելով Միացեալ Նահանգներ պիտի վերադառնան, դուռ պիտի բացուի գործի առիթներու, անգործութիւնը պիտի նահանջէ (վաղը կրնան շինծու վիճակագրութիւններ հրապարակուիլ, թէ անգործներու թիւը նուազած է. չէ՞ որ քանի մը տարիէ ի վեր գործ փնտռող ու չգտնողներու որոշ մէկ մասը հաշուի չ՛առնուիր անգործներու պաշտօնական թիւին մէջ), ամսականներու յաւելում պիտի տրուի, ապրուստի սղութիւնն ալ պիտի նահանջէ եւ այլն: Սակայն տնտեսագէտներ ու նախկին նմանօրինակ պայմաններէն փորձառութիւն շահած մասնագէտներ կ՛ըսեն, որ սա մեծ սուտ մըն է, որովհետեւ մեծահարուստ ընկերութիւններ իրենց դրամագլուխները պիտի չգործածեն գործի նոր առիթներ ստեղծելու համար, այլ այդ գումարները պիտի օգտագործեն, օրինակի համար, իրենց ընկերութեանց բաժնետոմսերը գնելու եւ անոնց սակերը բարձրացումի մղելու համար, մէկ խօսքով, իրենց շահերը պիտի կրկնապատկուին ու բազմապատկուին: Նոյնքան երեւակայական են աշխատանքի նոր առիթներու ստեղծման կարելիութիւնները, մանաւանդ, որ աշխարհը կը շարժի դէպի նոր տեսակի մեքենայացում ու աշխատող ձեռքերու` վարձք ստացողներու նուազեցում: Ալ ի՜նչ խօսք` սակագիներու նուազումի մասին. կատակով կ՛ըսուի, որ բարձրացող սակերը ենթակայ չեն ձգողութեան օրէնքին, ըստ որուն, ամէն վեր բարձրացող բան ի վերջոյ վար կ՛իյնայ: Արդարօրէն կը նշուի, որ մեծ գործատէրերը, իրենց կողքին շահելով բազմաթիւ խորհրդարանականներ, տարիներէ ի վեր ոգի ի բռին կը պայքարին նուազագոյն աշխատավարձի սահմանը բարձրացնելու ամէն փորձ ձախողութեան մատնելու ի խնդիր եւ ընդհանրապէս կը յաջողին: Վերոյիշեալ իրականութիւններուն իրազեկ եղողը չի հարցներ, թէ ինչո՛ւ կը յաջողին:

… Խորհրդարանին մէջ օրինագիծին վաւերացումէն ետք, հանրապետականներու կարկառուն դէմքերէն` Ներկայացուցչական տան նախագահ Փոլ Ռայըն լայն ժպիտով մը յայտարարեց, որ սա մեծ յաղթանակ է` ի նպաստ ժողովուրդին, խորհրդարանականները կ՛իրականացնեն խոստում մը, որ տրուած էր ընտրողներուն: Երկդիմի արտայայտութի՞ւն մը` արդեօք. հաւանաբար ան ըսել կ՛ուզէր, որ ինք եւ իր նմանները խոստում տուած են այն «ընտրողներուն», որոնց ի նպաստ է նոր օրէնքը, եւ խորքին մէջ անոնց իսկ ներշնչումով ու ցուցմունքներով մշակուած է անիկա, իրենք ալ անոնց «ընտրութեամբ» գրաւած են աթոռները: Այլ խորհրդարանականի մը` հանրապետական Թերի Սիուէլի մեկնաբանութիւնը աւելի դիպուկ էր. «Ասկէ աւելի մեծ մտաւորական անբարոյութիւն չի կրնար ըլլալ», յայտարարած է ան վաւերացումէն ետք: Իսկ դեմոկրատներու պարագլուխները կը շարունակեն ողբալ կորսուած դատը` վստահելով Օպամայի օրերուն իրենց մսխած-ծախած առիթներուն մասին զանգուածներու կարճ յիշողութեան: Այս իմաստով ալ, Ծերակոյտի դեմոկրատ փոքրամասնութեան առաջատար Չաք Շումըրի այն նշումը, թէ օրէնքին վաւերացման առիթով գինարբուք սարքուած է միայն «Թրամփ աշտարակ»-ին ու մեծ ընկերութեանց սրահներուն մէջ, դատարկ եւ ուշացած մեղադրանքէ աւելի բան չ՛արժեր, սնամէջ է ու` այլ սնանկութեան մը խոստովանութիւնը:

***

Թրամփ եւ գործակիցները շահատուրքերու նոր օրէնքը կը տօնեն իբրեւ յաղթանակ: Այո՛, յաղթական դուրս եկաւ փոքրաթիւ խմբակ մը, այսինքն` կարգ մը իշխանաւորներ ու անոնց ետին կանգնող դրամատիրական դասը, պարտուեցաւ զանգուածը, որ երեւութական շահերէ ետք պիտի շարունակէ յարաճուն կերպով վճարել սուղ:

Այս ու նման քայլերով աշխարհը արագօրէն կը վազէ դէպի… արդի աւատապետութիւն (կարելի է ըսել նաեւ` աւազակ-ա-պետութիւն, որ մեր օրերուն ունի մաֆիաներու` ստուերային դրութեան ծանօթ անուանումը). զանգուածներ հետզհետէ աւելի՛ ու աւելի՛ կախեալ պիտի ըլլան նիւթական միջոցներ իրենց մօտ կուտակող փոքրամասնութենէ մը, ինչպէս որ միջին կամ աւելի կանուխ դարերուն ժողովուրդը` իբրեւ ճորտ, կախեալ էր միապետներէ ու անոնց զինակից` կալուածատէր իշխաններէ. այդ դարերուն, ժողովուրդին կ՛ըսուէր, որ դրութիւնը աստուածատուր է, ի վերուստ տնօրինուած է, մինչեւ որ օր մըն ալ Օլիվըր Քրոմուէլ մը եկաւ ու աստուածային մենաշնորհներով օժտուած թագաւոր մը գլխատեց, իսկ յաջորդ դարուն ֆրանսացիք կառափնատ ղրկեցին մենաշնորհեալները:

Հաւանաբար շահագործուող ու օրէնքի ճամբով կողոպտուողներ ի վերջոյ պիտի դարմանեն կարճ յիշողութիւնները եւ նոր ճորտատիրութիւն տարածող արդի աւատապետներուն (կամ աւազակապետերուն) դէմ պիտի հնարեն կառափնատը փոխարինող արդի միջոցներ, որպէսզի արդի աշխարհը կերտող վերջին քանի մը դարերուն ընկերային արդար դրութեան հաստատման ի խնդիր մղուած պայքարներէն շահուած իրաւունքները այսպէս` քանի մը տասնամեակի ընթացքին չմսխուին ու չկորսուին, այլ աւելի հաւասարակշիռ ընկերութեան մը արարումը վերագտնէ կորսուած հունը` այլապէս նպաստ բերելով աւելի խաղաղ աշխարհի մը կերտումին:

23-24 դեկտեմբեր 2017

—————

(*) Այս սիւնակներուն մէջ արձանագրուած թիւերը քաղուած են պաշտօնական ու հաւաստի աղբիւրներէ:

 

2018ի Շիրակի Մարզպետի Գլխաւոր Խնդիրը Պիտի Ըլլայ Զարգացնել Զբօսաշրջութիւնը

$
0
0

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 2017ին, Շիրակի մարզի մէջ իրականացուած աշխատանքներու, 2018ի ծրագիրներու իրականացման եւ այլ հարցերու վերաբերեալ «Երկիր»ի լրագրողը զրուցեց Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեանի հետ:

Խօսելով Ազգային ժողովի ամպիոնէն Շիրակի մարզէն ընտրուած պատգամաւորներու հնչեցուցած դիտարկումներուն մասին, թէ մարզին քիչ գումար կը յատկացուի, մարզպետը յայտնեց. «Համայնքին տրամադրուող գումարը որոշւում է ՀՀ ֆինանսական համահարթեցման մասին օրէնքով: Դոտացիաներ (յատկացումներ-Խմբ.) վճարելու հիմնական գործօններն են՝ բնակիչների թիւը, տարիքային կազմը: Հիմա մի քիչ աւելի է բարդացուել օրէնքը, հաշուի է առնւում նաեւ հեռաւորութիւնը մարզկենտրոնից, Երեւանից: Այսինքն՝ մէկ շնչին բաժին ընկնող գումարը բխում է սեփական եկամուտների մակարդակից, որոշւում այդ գործօններով»:

Ըստ Խաչատրեանի՝ գումարը մարզին չի տրուիր, այլ՝ համայնքներուն: «Չկայ «մարզային բիւջէ» հասկացութիւն, կայ համայնքային բիւջէ», ըսաւ մարզպետը:

Խաչատրեան նշեց, թէ քանի որ Շիրակի մարզը նաեւ աղէտի գօտի է, եւ աղէտի հետեւանքները տակաւին չեն վերացուած, լրացուցիչ գումարներ կը յատկացուին մարզին:

«Օրինակ՝ այս տարի Գիւմրիում երկու հոգու բնակարանների գնման վկայականներ տուեցինք: Արթիկում բնակելի շէնք էր վթարուել, եւ 22 հոգու բնակարան տուեցինք, 8 հոգունը՝ փոխհատուցում, որ բնակարան գնեն գիւղական համայնքներում», յայտնեց Խաչատրեան:

Մարզպետը ըսաւ, որ մարզին մէջ շինարարութիւնը անցեալ տարուան հետ բաղդատած՝ այս տարի 50 տոկոսով աւելցած է:

«Դրանից բացի՝ Համաշխարհային բանկի վարկային ծրագրի շրջանակներում ունենք խոշորացուած համայնքների աջակցութեան ծրագիր: Եթէ համայնքները լաւ ծրագիր են իրականացնում, կարող են նաեւ լրացուցիչ գումար ստանալ», ըսաւ ան:

Խաչատրեան աւելցուց, որ մարզին մէջ բաւական ներդրումներ եղած են 2017ին: ««Կումայրի» ծրագրի շրջանակներում հսկայական ներդրում է տեղի ունեցել: Արթիկի շրջանում մօտ երեք հեկտար մակերեսով երեք միլիոն արժողութեամբ ջերմոցներ ենք կառուցել ներդրումների միջոցով: Մասնաւոր ներդրումներ անողներ կան, ոչ այնքան շատ, բայց հետաքրքրուած են. բազմաթիւ մարդիկ են գալիս եւ հետաքրքրւում՝ ինչե՞ր կարելի է անել, ո՞ր բիզնեսն այստեղ դառնայ կենսունակ: Տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառում ընկերութիւններ են բացուել, որոնցից մէկն, ի դէպ, գիւմրեցի երիտասարդի է, նա Գիւմրիից գնացել էր, հիմա իր ծննդավայրում ամերիկեան ընկերութիւն է հիմնել», ըսաւ մարզպետը:

Անդրադառնալով Եւրոմիութեան (ԵՄ) դեսպան Սուիթալսքիի այն յայտարարութեան, թէ ԵՄի կողմէ Հայաստանի յատկացումներուն մեծ մասը Շիրակի մարզ պիտի ուղղուի, Խաչատրեան նշեց, որ ԵՄի կողմէ մէկ միլիոն եուրոյի յատկացում պիտի ըլլայ, որպէսզի գորգագործութեան զարկ տրուի:

«Ամասիայում զարգացնելու ենք ոչխարաբուծութիւնը: Վերջնական նպատակը գորգագործութեան վերականգնումն է, բայց, որպէսզի գորգագործութիւն ունենանք, պէտք է ունենանք բուրդ, ուստի ոչխարաբուծութեան արժեշղթայի զարգացման համար մէկ միլիոն եւրօ է տրամադրուել», ըսաւ ան:

Մարզպետը յայտնեց, որ 2018ին գործօն քայլեր պիտի ձեռնարկուին զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղութեամբ:

«Ներդրողների հետ ենք խօսում, որպէսզի ծրագիր մշակենք յատուկ տուրիզմի (զբօսաշրջութեան-Խմբ.) զարգացման համար: Տուրիզմի զարգացման հայեցակարգն ենք մշակել, յստակ քայլեր ենք նախաձեռնում: Գիւղատնտեսութեան զարգացման բնագաւառում էական ծրագիր ունենք, բայց ամենակարեւորը՝ կան պետական ծրագրեր պետական ներդրումների վերաբերեալ, որոնց խաղի կանոնները յստակեցուեցին կառավարութեան կողմից. կայ լիզինգային (վարձակալութեան-Խմբ.) ծրագիր, ինտեսիւ (հզօրացուած, արագընթաց-Խմբ.) այգիների ծրագիր, տոհմային տնտեսութիւնների զարգացման ծրագիր, այսինքն՝ պետութիւնը մեզ համար միջավայրը ստեղծում է, այստեղ պարզապէս պէտք է աշխատել, որպէսզի մեր մարզի բնակիչներն առաւելագոյնս օգտուեն ընձեռուած հնարաւորութիւններից», եզրափակեց  Արթուր Խաչատրեան:

 

Գանձանակներ

$
0
0

ԱՐՇԱՒԻՐ ԳԱԲՈՒՃԵԱՆ

Մանկութեանս խաղալիքներն են, որոնք հիմա յուշերուս բնակիչներն են դարձած, շարքով կանգնած՝ գեղեցիկ դասաւորութեամբ, որոնք հին ընկերներուս պէս զիս խաղի էին հրաւիրեր, զինուորներու պէս բարի, որոնք մանկութիւնս էին պաշտպաներ: Չեմ գիտեր, հիմա ո՞ւր են անոնք՝ անոնց մեծամասնութիւնը. շատ փոքր մասնիկ մը կայ անոնցմէ իմ կողքին, իսկ մեծ մասը վստահաբար տեղ մըն է… Կը դժուարանամ ըսելու ճակատագրուած բառերը, որոնք ծանրօրէն կ՛ազդեն, եթէ մտաբերեմ, որ ոմանք ջարդուեցան, փշրուեցան, կիսուեցան, նետուեցան, կորսուեցան: Անոնց հանդէպ ամենագուրգուրոտ վերաբերմունքն եմ ունեցեր, բնականօրէն, այդ օրերուն չեմ մտածած, որ նուէրին մէջ տուողին, նուիրողին ոգին կայ, այլ՝ որովհետեւ իմս են եղած, եւ եթէ իմս էին, ուրեմն անոնք անուն ունին՝ շունչ ունէին, ոգի ունէին… մէկ-մէկ ալ ես ինծի համար նուէր-խաղալիք առած եմ, որ իմ սիրածս իմս ըլլայ. ասոր համար է, որ անոնց կորուստ-բացակայութիւնը այսօր զիս կը յուզէ. երբեմնի իմը այսօրուան իմը չէ: Բայց մէկ բան հաստատ՝ եթէ ժամանակին քուկդ է եղած, ուրեմն մշտապէս քուկդ է մնալու, ուր ալ ըլլայ, ինչ ալ ըլլայ, որունն ալ ըլլայ:

Չկայ մանուկ, որ խաղալիք չուզէ եւ ուզած չըլլայ եւ ունեցած չըլլայ: Խաղալիքները, զորս ունեցեր ենք, հիմնականին մէջ նոյնն են եղած՝ աւելի կամ պակաս, տարբեր կամ նման. բայց վստահ եմ, բոլորս ալ ունեցած ենք անոնցմէ մէկը, հաւասարապէս բոլորս ալ, եւ բոլոր ժամանակներու համար՝ բոլորինս, անիկա ԳԱՆՁԱՆԱԿՆ է, տարբեր չափի ու ձեւի, տարբեր գոյնի ու որակի, տարբեր նկարով ու պատկերով. բայց որ տրուած ժամանակ դատարկ է եղած, փաստ է: Ուրիշ նմանութիւններ ալ ունին՝ անոնց շուրթափակ բացուածքը. մէկ այլ նմանութիւն ալ հիմա յիշեցի, անոնց կիսաբաց աչքը, որ մէկ կողմէ քեզի կը նայի, միւս կողմէ՝ ինքն իր մէջ, և քեզի թոյլ չի տար տեսնել այն, ինչը ինք կը տեսնէ:

Այսօր, սակայն, տարբեր աչքերով կը նայիմ մեր այդ հասարակաց «խաղալիքին», որուն հետ խաղալ չէր կարելի՝ ծնողներու նկատողութիւն, իյնալ ջարդուելու վախ… Միայն լեցո՛ւր, տո՛ւր, առանց զգալու անոր հետ խաղալու հաճոյքը. մէկ-մէկ անոր թեթեւութիւնը կամ ծանրութիւնը զգալու հպումը, կամ մետաղական զրնգոցը:

Եւ հիմա կը մտածեմ, որ անիկա ի՞նչ տուաւ, կրցա՞ւ տալ այն, ինչը կ՛ուզէինք, երբ լեցուցինք զայն: Միայն լեցուցինք, ուրախացնելով զայն, բայց յետին միտք մը մեզի համար պահած, որ լեցուածը մերն էր ըլլալու, բայց անկեղծ ասած, չգիտցանք ինչո՞ւ համար լեցուցինք… Առաջինը դրինք, գիտնալով ինչքան է, եւ այսպէս ամէն անգամ ալ տեսանք ինչքան դրինք, բայց արդէն մոռցանք պարունակութեան չափը. համբոյրի պէս է՝ ամէն տրուածն ու դրուածը կը յիշուի, բայց ամբողջը՝ ոչ… Երկար պիտի սպասէինք անոր լրիւ լեցուելուն, եւ չեմ ալ յիշեր, եղա՞ւ պահ, որ լեցուեցաւ:

Եւ հիմա կը մտածեմ աղքատի գանձանակին մասին, որ չի լեցուիր, որովհետեւ այնքան շատ է ծախսուածը եւ քիչ՝ մնացածը, որ մարդուն ձեռքը կը վարանի զայն դատարկ գանձանակ նետել. չէ՞ որ դատարկ ստամոքս կա, չէ՞ որ այդ չնչին մնացածին նայող դատարկ աչքեր կան, որոնք աւելի կ՛արժեն քան լեցուող–չլեցուող գանձանակները:

Հարուստին գանձանակն ալ չի լեցուիր. ինչո՞ւ լեցնել, երբ ինչ կ՛ուզես կայ, երբ գանձանակին կապուած երազ չկայ…

Եւ հիմա տարբեր ձեւով կը մտածեմ գանձանակի մասին, որ կեանքին պէս գեղեցիկ է: Որքա՜ն գեղեցիկ բաներ կը սորվեցնէ մեզի. մասնակցութեան առանցք է, որուն շուրջ կը հաւաքուինք, թէկուզ մէկ ակնթարթ բայց յաւերժ՝ «յանունի» մը համար. չափի գիտակցում է, որ չափելով քեզի կարողութիւն մը կու տայ չափուածը յատկացնելու բանի մը.  սպասումի տագնապ կը հաղորդէ, չկայ աւելի գեղեցիկ երազ, քան այն, որ օրէ օր կը լեցուի, որպէսզի լեցնես դատարկութիւն մը, որպէսզի ստանաս լեցունութիւն մը:

Գանձանակը հայելին է քու եւ իմ: Ես գիտեմ ի՛նչ է եւ որքա՛ն է իմ տուածը, սակայն չեմ գիտեր քու տուածդ եւ տրուածին չափը. արդեօք կարեւո՞ր է իմանալ, չէ՞ որ տուողն ու տրուածն են կարեւորը, եւ անոնք արդէն կան, եւ մենք ենք այդ եղողները:

Որքա՜ն քացր է մտաբերել գանձանակին դէմ կանգնած մանկական երազանքներուս մաքրութիւնը:

Որքա՜ն կ՛ուզեմ երազանքներու նոյն մաքրութեամբ կանգնիլ մարդոց դիմաց, կաթիլ մը ամէն ինչ տալու…

Նուէրներ

Նուէրներ տարբեր՝
Լուսաբեր յուշեր,
Դուք բերիք երգեր,
Տարիներ, դէմքեր:
Ամէն մէկն հիմա
Իմ դէմ կը բանայ
Անցեալի ուղին,
Նորէն դէպի հին:
Ճամբան այս կեանքի
Եւ զարդարանքի
Բերաւ ամէն ինչ,
Պատկերով մը ջինջ՝
Շղթայէն ինկած
Զարդ մը բաժնուած,
Գրքի մը բացուած
Էջը պատռուած,
Ծաղիկ սիրացօղ,
Փերթ մը բրածոյ,
Նկար ու քանդակ,
Այսպէս շարունակ…
Արդ, պահն է տալու
Եւ ստանալու
Եւ մտածելու՝
Ի՞նչ նուիրելու:
Ի՞նչն է ամէնէն
Լաւը լաւերէն.
Գուցէ եւ պէտք չէր
Նման հարց տրուէր…
Հինը՝ ճիշդն ասած,
Նոյնը անկասկած,
Որ մշտանորոգ
Կ՛ընծայէ կարօտ:

 

Տօնածառի Յուշեր

Յուշերն այսօր զարդեր են.
Թեւիկ-թեւիկ կը պարեն
Վերթեւումով սիրելի:
Նազանքներէն գեղանի
Տօնածառս կը ծաղկի:
Ժպիտները փալփլուն
Լուսաստղիկներ են ծփուն
Երազներէն լուսալի:
Շող ցոլքերէն երկնալի
Տօնածառս կը փայլի:
Բառերն այսօր, ի՜նչ դիւթիչ,
Թովիչ երգ են հմայիչ
Մեղեդիով լուսահիւս:
Ի լուր երգին այս լոյսի,
Տօնածառս կը խօսի:
Բարութիւն մը ճաճանչէն,
Լուսադալար կանաչէն
Աստղաբոյլով կ՛անդրանցնի…
Եւ հրաշքէն մարդածնի
Հոն Յիսուս մը կը ծնի:

Տէր Զօրի Նահատակաց Յուշահամալիրին Մասնայատուկ Տեղը

$
0
0

ՍԱՐԳԻՍ ՊԱԼՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Ծանօթ.- Այս յօդուածին հեղինակը՝ Սարգիս Պալմանուկեան ճարտարապետն է Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց յուշահամալիրին, որ, ինչպէս ծանօթ է, ծանր վնասներու ենթարկուած է Սուրիան քանդումի ու տառապանքի մատնող պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքով. արհաւիրքին անմասն չմնաց նաեւ Սուրիոյ մեր գաղութը։ Ան նաեւ հեղինակն է Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ այլ յուշակոթողներու։ Հեղինակին հետ կարճ զրոյցի մը պահուն, ան ըսաւ, որ այս տողերը արձանագրելու օրերուն, դառնութեամբ ապրած է Տէր Զօրը, սակայն նաեւ կը հաւատայ հայութեան վերականգնումի ու վերակառուցելու արժանիքին…

Տէր Զօր անունը անքակտելիօրէն կապուած է 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան։ Հոն՝ Տէր Զօրի անապատներուն ու շրջակայ քառայրներուն մէջ, ջարդարար թուրքերու ձեռամբ գազանաբար սպաննուեցան հարիւր-հազարաւոր հայեր, որոնց միակ յանցանքը՝ հայ եւ քրիստոնեայ ըլլալն էր…

Ամէն տարի, Ապրիլ 24ին, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ուր հայեր հարկադրաբար բնակութիւն հաստատած են Ցեղասպանութենէն ետք, կը նշուի այս ազգային տօնը։ Անոնք իրենց ապրած քաղաքներուն մէջ, մեր նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնելու համար, կառուցած են յուշարձաններ ու կոթողներ։ Հայութեան դիմագիծը պահպանելու համար, անոնք նաեւ հաստատած են եկեղեցիներ ու դպրոցներ։ Յուշարձանները ընդհանրապէս խորհրդանշական կոթողներ են եւ աշխարհին յիշել կու տան հայ ժողովուրդին ապրած մեծ ողբերգութիւնը։

Վերադառնանք պատմութեան։ Տէր Զօր քաղաքին մէջ, Ցեղասպանութենէն վերապրողներ 1930ական տարիներուն կառուցած են Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին ու անոր կից՝ հայկական վարժարան մը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած կոթող մը։ Յաջորդ տասնամեակներուն, հայերու թիւը աստիճանաբար նօսրացած է Տէր Զօրի մէջ, հետեւաբար, եկեղեցին մատնուած է անմխիթար վիճակի։

Զուգահեռաբար, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ նոյն տարիներուն կառուցուած է նահատակաց յուշակոթող-մատուռը, իսկ աւելի ուշ, մեր մայր հայրենիքին մէջ, Երեւանի մօտակայ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին, 50ամեակի օրերուն կառուցուած է մեր նահատակներուն յիշատակին նուիրուած հանրայայտ յուշակոթող-համալիրը, իսկ անոր կից՝ Ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանը. հոն, ամէն տարի, հայրենի ժողովուրդը մեծ շուքով ու յարգանքով կը նշէ ազգային սգատօնը, պետական աւագանիին գլխաւորութեամբ։

Հայրենիքէն հեռու, Քալիֆորնիոյ Մոնթեպելլօ քաղաքի մէկ բարձունքին, նմանապէս Ցեղասպանութեան 50ամեակին առիթով, կառուցուած է հոյակերտ յուշարձան մը, որ դարձած է Լոս Անճելըսի ու շրջակայքի հայութեան ուխտավայրը. այս յուշարձանին շուրջ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ պահանջատիրական հաւաք, պետական ու քաղաքական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։

Օսմանցի թուրքերը իրենց պատմութեան մէջ վատ համբաւի տիրացած են իրենց գործած ջարդերով, ըլլա՛յ իրենց գրաւած երկիրներուն մէջ՝ Յունաստան, Պուլկարիա, Սերպիա եւ այլ, ըլլա՛յ Միջին Արեւելքի փոքրամասնութեանց դէմ, յատկապէս քրիստոնեաներու՝ հայ, մարոնի, ասորի եւ այլք։ Թուրքերը գրաւած էին նաեւ մեր Արեւմտեան Հայաստանը եւ Կիլիկիան։ Այլ ժողովուրդներու նման, հայերս եւս կը տառապէինք օսմանեան յետամնաց բռնատիրութեան տակ, ու երբ հայկական ազատագրական շարժումը ծայր տուաւ, թուրքերը որոշեցին հայկական հարցը լուծել ջարդերով ու իր պապենական հողերէն հայութեան արտաքսումով։ Հայեր տարագրուեցան դէպի Տէր Զօր, որ վերջին հանգրուանն էր հաւաքական ջարդերու։ Թուրքը տիրացաւ հայուն պատկանող կալուածներուն եւ ստացուածքներուն, դարերու մշակութային ժառանգութեանց, որոնց փճացման լծուած է մինչեւ այսօր…։

Շուրջ 30 տարի առաջ, ծնունդ առաւ հայութեան համար ահաւոր դժոխք հանդիսացած՝ Տէր Զօրի մէջ յուշակոթող մը կանգնելու մտածումը եւ շուտով իրականութիւն դարձաւ։ Ի տարբերութիւն միւս յուշարձաններուն, Տէր Զօրի յուշահամալիրը կառուցուած է Ցեղասպանութեան գլխաւոր մէկ վայրին վրայ, երբ Տէր Զօրը արդէն հոմանիշ դարձած էր մեր մեծ ողբերգութեան։ Կոթողը կոչուեցաւ Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիր, ոգեկոչելու համար յիշատակը մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն։

Տէր Զօրի յուշահամալիրին մէջ կան շարք մը խորհրդանիշեր, ինչպէս՝ հայ ժողովուրդի նահատակութիւնը, վերածնունդը, հերոսական պայքարը՝ թուրք բռնակալին դէմ, հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը, նաեւ հայուն երախտագիտական զգացումները՝ իր հողերուն վրայ ջարդերէն փրկուածները հիւրընկալելու արաբ ժողովուրդին հանդէպ։ Հոս պէտք է շեշտել, որ արաբ ժողովուրդը չի կրնար քանդած ըլլալ այս յուշակոթողը, որ նաեւ կը խորհրդանշէ հայութեան երախտագիտութիւնը հիւրընկալին հանդէպ։

Համալիրին պաշտօնական օծումը կատարուեցաւ 5 Մայիս 1991ին, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլկիոյ կաթողիկոս երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին, մասնակցութեամբ Բերիոյ թեմի օրուան առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի, որ մեծ դեր ունեցաւ շինարարական աշխատանքի ղեկավարման մէջ։ Օծման արարողութեան ներկայ էին աշխարհի տարբեր շրջաններէ եկած հազարաւոր ուխտաւորներ, երեւելի հոգեւորականներ ու անձնաւորութիւններ. բոլորն ալ եկած էին անշիրիմ նահատակներուն յիշատակը յարգելու։

Համալիրը կարճ ժամանակի մէջ դարձաւ Ցեղասպանութենէն ետք աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան ուխտատեղին, անշիրիմ նահատակներուն հաւաքական գերեզմանը։

Տարբեր առիթներով Տէր Զօր այցելած ու յարգանքով խոնարհած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներ՝ Գարեգին Բ. ու Արամ Ա., Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ., Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, յաւուր պատշաճի իրենց պատգամը ուղղելով հայութեան։ Այցելուներուն շարքին են եղած հայրենի պետական այլ անձնաւորութիւններ ու հասարակակական դէմքեր, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան երեւելի անձնաւորութիւններ։

Ցեղասպանութեան 100ամեակը Հայաստանի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ 2015ին. սգատօնին ներկայ էին կարգ մը երկիրներու նախագահները, պետական ու կրօնական ներկայացուցիչները եւ այլ յայտնի դէմքեր։ Նոյն տարին, 100ամեակը պատշաճ շուքով նշուեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին Ուաշինկթընի մէջ, ներկայութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի, Մեծի Տանն Կիկիլիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի, ինչպէս նաեւ հայկական քոյր եւ օտար եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն։ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնը կը ներկայացնէին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն եւ ՄԱԿի մօտ դեսպան Սըմանթա Փաուըր(*)։ Ներկայիս, ամերիկեան աւելի քան 45 նահանգներ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն դաշնակցային կառավառութիւնը, քաղաքական որոշ նկատառումներով, տակաւին պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայկոց Ցեղասպանութիւնը։

Վերջին տարիներուն, Պոլսոյ հայութիւնը, կարծես յաղթահարած՝ իրեն պարտադրուած «ստորակայութեան» զգացումը, քաջութիւնը ունի Ապրիլ 24ի առիթով սգահանդէսներ կազմակերպելու, պարզելով ու ցուցադրելով հայ նահատակ մտաւորականներու եւ երեւելիներու մեծադիր նկարները։ Կ՛ուզեմ շեշտել Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող երկլեզու շաբաթաթերթին ու անոր նախկին քաջարի խմբագիրին՝ Հրանդ Տինքի ունեցած բարերար դերը։ Բոլորիս ծանօթ է Հրանդ Տինքի վիճակուած ճակատագիրը. ան իր արի կեցուածքին պատճառով անարգօրէն սպաննուեցաւ իր թերթի խմբագրատան սեմին…։ Միւս կողմէ, բազմաթիւ թուրք մտաւրականներ ու հասարակական գործիչներ արդէն կ՛ընդունին Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, եւ անոնց թիւը հետզհետէ կ՛աճի։ Անոնց շարքին է Նոպէլեան մրցանակաակիր Օրհան Փամուք։

Մատուռը բազմանիստ կեդրոնագմբէթ կառոյց մըն է, որ կարելի է դիտել բոլոր կողմերէն։ Գմբէթին լուսամուտները խաչքարեր կը յիշեցնեն։ Մատրան ներսիդին կան 8 վերասլաց սիւներ, որոնք կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդի վերածնունդն ու ձգտումը՝ դէպի ազատութիւն։

Մատրան ներքնայարկը կը կոչուի Նահատակման Սրահ, որուն կեդրոնէն ու առաջին յարկին գետինին վրայ բացուածքէն՝ վեր  կը խոյանայ սիւնակոթող մը։ Կոթողի խարիսխին, ապակեայ դարաններու մէջ զետեղուած են Տէր Զօրի ու շրջակայ անապատներէն բերուած հայ անյայտ նահատակներու աճիւններ։

Համալիրին բակը շրջապատող իւրաքանչիւր ճակատ ունի ճարտարապետական ինքնուրոյն լուծում։ Խաղաղութեան նուիրուած ճակատին վրայ կայ քրիստոնէական մեր հաւատքը խորհրդանշող խաչ մը, որուն երկու կողմերուն՝ խաղաղութիւն խորհրդանշող աղաւիներ։  Հերոսներուն նուիրուած ճակատին կան երկու արծիւներու քանդակներ, որոնք կը խորհրդանշեն Հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարները՝ ի խնդիր իր գոյատեւման։

Բակին գլխաւոր ճակատը նուիրուած է հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութեան. հոն կանգնած են երկու աղբիւրներ՝ համապատասխան քանդակներով։

Ս. Նահատակաց յուշահամալիրը կառուցուած է հայկական ճարտարապետութեան հարազատ ոճով, որ ապացոյց է մեր ազգային դիմագիծին ու մեր անցեալի փառաւոր մշակութային ժառանգութեան։

Ներքնասրահին մէջ ցուցադրուած են Ցեղասպանութիւնը պատկերող լուսանկարներ, իսկ ճակատին կայ քանդակ մը, ուր հայ մայր մը իր զաւակին հայերէն Ա.Բ.Գ. կը սորվեցնէ Տէր Զօրի անապատի աւազին վրայ։

… Ցեղասպան թուրքին ժառանգորդները մօտիկէն կը հետեւէին այս յուշակոթողի կանգնումին ու անոր ստացած արժէքին. անոնք օրին չկրցան համոզել Սուրիոյ իշխանութիւնները, որպէսզի չթոյլատրեն այսպիսի յուշակոթողի մը կառուցումը։ Հայ ժողովուրդը երախտագոտութեան խոր զգացումներ կը տածէ սուրիացի ժողովուրդին ու պետութեան նկատմամբ. պէտք է յիշել, որ օրուան նախագահը քաջածանօթ էր Սուրիոյ տարբեր բնագաւառներու զարգացման մէջ հայութեան բերած նպաստին, իսկ անոր հայրը Ցեղասպանութեան օրերուն մեծապէս օգտակար եղած է Լաթաքիոյ շրջանը ապաստանած հայ գաղթականներու։

Ոճրածին թուրքերը պատեհ առիթի մը կը սպասէին, որպէսզի քանդեն յուշակոթողը։ Անիկա աղաղակող արատ մըն էր իրենց ճակատին։

Եւ ահա առիթը ներկայացաւ, երբ քանի մը տարի առաջ Սուրիա ինկաւ «քաղաքացիական պատերազմ»ի յորձանուտին մէջ։ Ծայրայեղական ընդդիմադիրներ եւ վարձկան զինեալ խմբակներ, գրաւելով Տէր Զօրը՝ պայթեցուցին նաեւ մեր նահատակներուն յուշակոթողը, որ լուռ բայց ապրող վկայ մըն էր հայ ժողովուրդին դէմ թուրքերու ծրագրած ու գործադրած ահաւոր ոճիրին։ Քանդումն իսկ յաւելեալ վկայութիւն է այս ճշմարտութեան…

Կասկած չկայ, թէ որո՛ւն թելադրանքով կատարուեցաւ քանդումը։ Յիշեցնենք, որ համալիրին մէջ կայ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը խորհրդանշող պատ մը, որուն վրայ արաբերէնով արձանագրուած է հայութեան երախտագիտական զգացումները՝ սուրիացի արաբ ժողովուրդին նկատմամբ։ Արաբն ալ երախտամոռ չէ…

Ներկայիս, Սուրիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւնները մեծ մասամբ վերջ գտած են։ Երբ խաղաղութիւնը վերջնական ու ամբողջական կերպով վերահաստատուի, Տէր Զօրի համալիրը պիտի կառուցուի, պէ՛տք է վերակառուցուի, ու վերստին դառնայ ուխտապահ հայութեան ժամադրավայրը։

Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ մեծ փորձառութիւններ ապրած է. երբ խաղաղութիւն տիրած է, ան վերականգնած է բարբարոսներու կողմէ քանդուածը՝ անիկա ըլլայ եկեղեցի թէ պատմական կոթող։ Իսկ պէտք կա՞յ կրկնելու, թէ Տէր Զօրի յուշակոթողը ինչպիսի՛ իւրայատուկ տեղ ունի մեր բոլոր յուշակոթողներուն շարքին։

 

(*) Սըմեթա Փաուըր իր Problem from Hell գիրքին մէջ էջեր յատկացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան։

 


Ս­տե­փան Ա­լա­ջա­ջեան (1924-2010). «Չ­խո­նար­հող ե­ղէգ­ներ»ու հայ­րե­նա­դարձ պատ­գա­մա­բե­րը

$
0
0

Ն. Պ.

Յու­նո­ւար 3ին կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ գրա­կա­նու­թեան նո­րա­գոյն շրջա­նի մեծ վար­պետ­նե­րէն Ս­տե­փան Ա­լա­ջա­ջեա­նի, որ յատ­կա­պէս «Ե­ղէգ­նե­րը չխո­նար­հո­ւե­ցին» ա­նուն իր վէ­պով՝ ան­մա­հու­թիւն նո­ւա­ճեց եւ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս իր փայ­լուն աստ­ղը ու­նե­ցաւ հա­յոց մե­ծե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ։
Տա­րա­բախտ կեանք մը ապ­րե­ցաւ Ս. Ա­լա­ջա­ջեան։ ­Կո­կոր­դի քաղց­կեղ յայտ­նո­ւե­ցաւ մօ­տը եւ ստոյգ մա­հէ փրկո­ւե­ցաւ 1980ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, երբ վի­րա­հա­տե­ցին զինք ու ձայ­նա­յին լա­րե­րը հե­ռա­ցու­ցին։ Մ­նաց ա­ռանց ձայ­նի, կեան­քին մնա­ցեալ ժա­մա­նա­կը ա­րո­ւես­տա­կան խօ­սա­փող օգ­տա­գոր­ծեց, բայց գրի­չը բնաւ ձեռ­քէն վար չդրաւ, ան­դուլ ստեղ­ծա­գոր­ծեց եւ իր սիրտն ու միտ­քը միշտ բաց պա­հեց ըն­թեր­ցո­ղին առ­ջեւ՝ բա­ռին փո­խա­բե­րա­կան ի­մաս­տով բարձր ձայ­նով իր պատ­գա­մը հասց­նե­լով հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն։
Եւ այդ­պէս, տաս­նա­մեակ­նե­րու մա­քա­ռու­մէ ետք, 23 ­Դեկ­տեմ­բեր 2010ին, ­Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ, շի­ջե­ցաւ աստ­ղը հայ ար­ձա­կի ու հայ մտքի տա­ղան­դա­շատ այս ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին։
Յա­ւեր­ժու­թեան սահ­մա­նո­ւած պատ­գամ ու­նե­ցող գրա­գէտն է Ա­լա­ջա­ջեան, որ նաեւ իր կեն­սագ­րու­թեամբ՝ պատ­գա­մա­բե­րը դար­ձաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի «­Հայ­րե­նա­դարձ Սե­րուն­դին»։
19րդ ­դա­րա­վեր­ջին թափ ա­ռած եւ 20րդ ­դա­րաս­կիզ­բին պատ­մա­կան դար­ձա­կէտ նո­ւա­ճած հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մին յաղ­թա­գոռ պատ­գա­մը՝ վե­րած­նեալ հայ­րե­նի­քի ու ազ­գի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մի իր տես­լա­կա­նով, Ա­լա­ջա­ջեա­նի գրչին տակ սե­րունդ­նե­րուն մա­տու­ցո­ւե­ցաւ «Չ­խո­նար­հող Ե­ղէգ­ներ»ու սրտա­ռուչ պատ­կե­րով.-
Թր­քա­կան լու­ծին եւ եա­թա­ղա­նին տակ ստոյգ կոր­ծան­ման մատ­նո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դին հե­րո­սա­կան ծա­ռա­ցու­մը, մա­հա­ցու հա­րո­ւած ստա­նա­լէ ետք ան­գամ յա­րու­թիւն առ­նե­լու հա­յուն ազ­գա­յին հաս­տա­տա­կա­մու­թիւ­նը, մա­նա­ւա՛նդ գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան գնով պատ­մու­թեան թա­ւալգ­լոր ան­կու­մի ա­նի­ւը շրջե­լու եւ ա­զա­տու­թիւն նո­ւա­ճե­լու հայ­կա­կան մար­տու­նա­կու­թիւ­նը ի­րենց յաղ­թա­հա­սակ մարմ­նա­ւո­րու­մը գտան Ա­լա­ջա­ջեա­նի ապ­րե­ցու­ցած մարդ­կա­յին «Ե­ղէգ­ներ»ով, ո­րոնք ա­հա­ւոր ճնշում­նե­րու եւ հա­րո­ւած­նե­րու են­թար­կո­ւե­լով հան­դերձ՝ բնաւ «չխո­նար­հո­ւե­ցին»…
«­Մարդն ապ­րել է ու­զում, ազգն ապ­րել է ու­զում, հայ­րե­նի­քը ա­զա­տու­թիւն է ու­զում, գա­ղա­փար­նե­րի հա­մար մար­դը պար­տա­ւոր է գնալ կռո­ւի» պատ­գա­մով՝ Ս. Ա­լա­ջա­ջեան ստեղ­ծեց «Ե­ղէգ­նե­րը Չ­խո­նար­հո­ւե­ցին» վէ­պին եր­կու հա­տոր­նե­րը, ո­րոնք լոյս ըն­ծա­յո­ւե­ցան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յիս­նա­մեա­կին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցած մե­ծա­գոյն ցոյ­ցէն յե­տոյ, 1966 եւ 1967 թո­ւա­կան­նե­րուն:
Ինչ­պէս գրա­կա­նա­գէտ ­Սե­ւակ Ար­զու­մա­նեան հե­տա­գա­յին պի­տի նշէր «Ս­տե­փան Ա­լա­ջա­ջեան» խո­րագ­րով իր մե­նագ­րու­թեան մէջ՝ Ա­լա­ջա­ջեան «իր գե­ղե­ցիկ տա­ղան­դը փայ­լուն կեր­պով հաս­տա­տում է այս վէ­պով: ­Նա մեծ ա­րո­ւես­տի ու­ժով պատ­կե­րել է հռչա­կա­ւոր զէյ­թուն­ցի­նե­րի վեր­ջին հե­րո­սա­մար­տը 1915 թո­ւա­կա­նի Ե­ղեռ­նից յե­տոյ:
«­Զէյ­թու­նի վեր­ջին հե­րո­սա­մար­տի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան տա­րեգ­րու­թիւնն է Ա­լա­ջա­ջեա­նի այս վէ­պը, հե­րո­սա­կան մի ասք-պա­տում, ո­րը կեր­պար­նե­րի տի­պա­կա­նաց­մամբ, հո­գե­բա­նա­կան խտա­ցում­նե­րով, յու­զա­կան նե­րազ­դե­ցու­թեան ու­ժով, ան­շուշտ, 1960ա­կան թո­ւա­կան­նե­րի հա­յոց վի­պա­սա­նու­թեան նո­ւա­ճում­նե­րից մէ­կը ե­ղաւ»:
Նաեւ ­Հայ­րե­նա­դար­ձի իր խառն ու հա­կա­սա­կան կեն­սագ­րու­թեամբ՝ ­Սե­րուն­դի մը իւ­րա­յա­տուկ պատ­գա­մա­բե­րը դար­ձաւ Ս. Ա­լա­ջա­ջեան։ 1946ին ներ­գաղ­թեց ­Հա­յաս­տան, խորհր­դա­յին կար­գե­րուն «յար­մա­րո­ւե­լու» տի­րա­կան հո­սան­քին հետ քայլ պա­հող­նե­րէն ե­ղաւ, կո­մու­նիս­տա­կան ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան իշ­խա­նա­ւո­րա­կան աս­տի­ճան­նե­րէն բարձ­րա­ցաւ, բայց իր մտքին ու հո­գիին խո­րե­րէն միշտ ալ ու­րիշ «Աս­տու­ծոյ» երկր­պա­գեց Ա­լա­ջա­ջեան, որ 1991ին ար­տա­գաղ­թեց ­Հա­յաս­տա­նէն եւ մին­չեւ իր վախ­ճա­նը մնա­յուն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տեց ­Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ։
Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն իր «հայ­րե­նա­թո­ղու­թիւ­նը» թի­րախ չդար­ձաւ քար­կո­ծու­մի, ոչ ալ 1991էն ետք իր ու­նե­ցած հա­կա­խորհր­դա­յին սուր քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը վե­րա­պա­հու­թեամբ ըն­կա­լո­ւե­ցան։ Ա­ւե­լի՛ն. ­Հա­յու ­Հայ­րե­նա­սի­րու­թեան նոր ո­րակ եւ բո­վան­դա­կու­թիւն նե­րար­կող պատ­գա­մա­բեր մը ե­ղաւ իր թէ՛ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեամբ, թէ՛ հայ­րե­նի­քէն ֆի­զի­քա­կան հե­ռա­ցու­մով…
Տա­ղան­դա­ւոր գրո­ղը ծնած էր ­Հա­լէպ, ­Սու­րիա, զէյ­թուն­ցի Ե­ղիա Ա­լա­ջա­ջեա­նի յար­կին տակ։ Կր­թա­կան ու գրա­կան իր կազ­մա­ւո­րու­մը ստա­ցած ե­րի­տա­սարդ էր, երբ 1946ին ըն­տա­նեօք տե­ղա­փո­խո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տան ու հաս­տա­տո­ւե­ցան ­Զէյ­թուն թա­ղա­մա­սը։ 1951ին ա­ւար­տեց Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի բա­նա­սի­րա­կան բաժ­նի հո­գե­բա­նու­թեան եւ տրա­մա­բա­նու­թեան հիմ­նար­կը, իսկ 1957ին Խ.Ս.Հ.Մ. Գ­րող­նե­րի Միու­թեանն ա­ռըն­թեր գրա­կան բարձ­րա­գոյն դա­սըն­թաց­նե­րը (­Մոս­կո­ւա): 1957-1963ին մաս կազ­մեց «­Սո­վե­տա­կան Գ­րա­կա­նու­թիւն» ամ­սագ­րի խմբագ­րու­թեան, իբ­րեւ ար­ձա­կի բաժ­նի վա­րիչ: 1966-1967ին ստանձ­նեց «­Հա­յաս­տան» հրա­տա­րակ­չու­թեան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան գրա­կա­նու­թեան խմբագ­րու­թեան վա­րի­չի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ 1967էն 1975, ե­ղաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Սո­վե­տա­կան Գ­րող­նե­րի Միու­թեան վար­չու­թեան քար­տու­ղար։ Իսկ 1980էն ետք ստանձ­նեց Հ.Խ.Ս.Հ. մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան Ե. ­Չա­րեն­ցի ա­նո­ւան գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րո­ւես­տի թան­գա­րա­նին տնօ­րէ­նու­թիւ­նը։
1991 թո­ւին Ս. Ա­լա­ջա­ջեան ար­տա­գաղ­թեց ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Լոս Ան­ճե­լըս, ուր հիմ­նեց եւ հրա­տա­րա­կեց «­Հա­մայ­նա­պատ­կեր» ամ­սա­գի­րը։ Իր կեան­քին վեր­ջին 19 տա­րի­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նէն հե­ռու ապ­րե­լով հան­դերձ՝ Ա­լա­ջա­ջեան ոչ մէկ պա­րա­գա­յի խզո­ւե­ցաւ հայ­րե­նի ի­րա­կա­նու­թե­նէն։ ­Թա­փով շա­րու­նա­կեց գրել ինչ­պէս գե­ղա­րո­ւես­տա­կան նոր եր­կեր, նոյն­պէս եւ յու­շագ­րա­կան գոր­ծեր։ 2008ին ար­ժա­նա­ցաւ Հ.Հ. մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ոս­կեայ շքան­շա­նին՝ առ ի գնա­հա­տանք տաս­նա­մեակ­նե­րու իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան վաս­տա­կին եւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ծա­ռա­յու­թեան։
Ս. Ա­լա­ջա­ջեա­նի գրա­կան ա­ռա­ջին գոր­ծը՝ «­Ծո­վուն եր­գը» ո­տա­նա­ւո­րը լոյս տե­սած է 1939ին, 15 տա­րե­կա­նին, ­Պէյ­րութ հրա­տա­րա­կո­ւող «­Պա­տա­նե­կան Ար­ձա­գանգ» պար­բե­րա­թեր­թի է­ջե­րուն։ Իսկ 1942ին, ­Հա­լէ­պի «­Տիգ­րիս» տպա­րա­նը լոյս ըն­ծա­յած է 18ա­մեայ հե­ղի­նա­կին քեր­թո­ւած­նե­րու ե­րե­խայ­րի­քը՝ «Վշ­տի ծա­ղիկ­ներ» գրքոյ­կը, 47 է­ջով։
Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թելէն ետք, Ս. Ա­լա­ջա­ջեան նե­տո­ւե­ցաւ ար­ձա­կագ­րու­թեան աս­պա­րէզ եւ 1953էն սկսեալ, յա­ջոր­դա­բար, լոյս ըն­ծա­յեց «Ա­նա­պա­տում», «­Պար­տու­թիւն», «­Փիւ­նիկ» ու «Ա­ռանց հայ­րե­նի­քի» վի­պակ­նե­րը, նաեւ՝ «Ե­ռա­թեւ ծիա­ծան», «­Մադ­լէնն ապ­րում է ­Փա­րի­զում» ու «Ար­ծիւն ու հո­վի­ւը» պատ­մո­ւածք­նե­րու ժո­ղո­վա­ծու­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ «Այ­գի­նե­րի աշ­խար­հում» ակ­նար­կը։
Բայց Ա­լա­ջա­ջեա­նի տա­ղան­դին լիար­ժէք դրսե­ւո­րու­մը կա­պո­ւե­ցաւ «Ե­ղէգ­նե­րը չխո­նար­հո­ւե­ցին» երկ­հա­տոր վէ­պի հրա­տա­րա­կու­թեան՝ 1966ին եւ 1967ին։
Հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մէն վեր­ցուած կեր­պար­նե­րով ու դրո­ւագ­նե­րով՝ հե­ղի­նա­կը նո­րո­վի շուն­չով ըն­թեր­ցո­ղին հաս­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան խո­յան­քին խոր­հուրդն ու պատ­գա­մը։ Ոչ միայն գա­ղա­փա­րա­կան իր խոր­քով, այ­լեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան իր մշա­կու­մով՝ Ա­լա­ջա­ջեա­նի ար­ձա­կը վե­րա­նո­րո­գեց հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը։
Պա­տու­մի ան­մի­ջա­կա­նու­թիւ­նը եւ հա­ղոր­դա­կա­նու­թիւ­նը, պարզ ու գե­ղե­ցիկ ո­ճով կեր­պար­նե­րու եւ պա­հե­րու հո­գե­բա­նա­կան շնչա­ւո­րու­մը կազ­մե­ցին հիմ­քը Ա­լա­ջա­ջեա­նի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ո­ճին՝ «Ե­ղէգ­նե­րը չխո­նար­հո­ւե­ցին» գոր­ծը ար­ժա­նաց­նե­լով հայ ժա­մա­նա­կա­կից գրա­կա­նու­թեան գլուխ-գոր­ծոց­նե­րու պա­տո­ւան­դա­նին։
Քա­ջա­լե­րո­ւած իր վէ­պին գտած յա­ջո­ղու­թե­նէն, Ա­լա­ջա­ջեան թա­փով շա­րու­նա­կեց ստեղ­ծա­գոր­ծել։ 1977ին լոյս ըն­ծա­յեց «­Վե­րած­նունդ» ժո­ղո­վա­ծուն, ուր տեղ գտաւ ա­նոր «­Զար­մա­նա­լի ­Հա­յաս­տան» գոր­ծը։ ­Հե­տե­ւե­ցաւ «Ա­նա­ռա­գաստ նա­ւակ­ներ» վի­պա­կը, 1978ին, 128 է­ջով։ Իսկ 1980-1981ին ի­րա­րու ե­տե­ւէ լոյս ըն­ծա­յեց «Ա­պա­ռաժ­նե­րը ար­տա­սո­ւել գի­տեն» եւ «Ոս­կե­գոյն ծիր­կա­թին» վի­պակ­նե­րը։
Ա­լա­ջա­ջեան փոր­ձեց եւ յա­ջո­ղե­ցաւ նաեւ շար­ժանկա­րի հա­մար բե­մագ­րու­թիւն­նե­րու մշա­կու­մին մէջ։ ­Հեն­րիկ ­Մա­լեա­նի հետ հա­մա­հե­ղի­նակ ե­ղաւ, 1980ին, ­Հայ­ֆիլ­մի գլուխ-գոր­ծոց­նե­րէն հա­մա­րո­ւող՝ ժո­ղովր­դա­յին մեծ ըն­դու­նե­լու­թեան ար­ժա­նա­ցած «Կ­տոր մը եր­կինք» ժա­պա­ւէ­նի բե­մագ­րու­թեան։ Ա­լա­ջա­ջեա­նի հե­ղի­նա­կու­թիւնն է, նոյն­պէս Հայ­ֆիլ­մի կող­մէ նկա­րա­հա­նո­ւած, «­Ճեր­մակ ա­նուրջ­ներ» ժա­պա­ւէ­նի բե­մագ­րու­թիւ­նը։
Հայ­րե­նի­քի մէջ Ա­լա­ջա­ջեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծած վեր­ջին գոր­ծը ե­ղաւ «Չս­պիա­ցած վէրք» երկ­հա­տոր վէ­պը, 1989-1990ին։
Իսկ 1991էն ետք, ար­դէն ­Լոս Ան­ճե­լըս հաս­տա­տո­ւած, Ա­լա­ջա­ջեան լոյս ըն­ծա­յեց «­Լու­սա­ւո­րեալ խո­րան­ներ» յու­շագ­րու­թիւ­նը, 1993ին. «…Եւ Ատ­րու­շան­ներ» խո­րագ­րով դար­ձեալ յու­շագ­րա­կան գոր­ծը, 1995ին։ ­Յա­ջոր­դեց «­Ճամ­փեզ­րի վրայ» ժո­ղո­վա­ծուն, 1998ին։ «­Վաթ­սու­նա­կանք»ը՝ 2002ին։ «­Ձայն բազ­մաց»ը՝ 2008ին։ «­Հայ մա­մու­լի է­ջե­րում (1957-2005)»ը՝ 2008ին, ուր մէկ­տե­ղո­ւած են բազ­մա­վաս­տակ գրո­ղին ու խմբագ­րին յօ­դո­ւած­նե­րու, ակ­նարկ­նե­րու, քննա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեանց, գրա­խօ­սա­կան­նե­րու, դի­ման­կար­նե­րու եւ հար­ցազ­րոյց­նե­րու ընտ­րա­նին։ «­Յոր­ձա­նու­տը»՝ 2009ին, դար­ձեալ յու­շեր: «­Վեր­ջին հունձ­քը»՝ 2010ին։
2009ին, ­Թէ­քէեան Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ Ս. Ա­լա­ջա­ջեա­նի ծննդեան 85ա­մեա­կը։
Ա­լա­ջա­ջեա­նի գոր­ծե­րը թարգ­մա­նո­ւած են ռու­սե­րէ­նի, անգ­լե­րէ­նի, ֆրան­սե­րէ­նի, չե­խե­րէ­նի, պուլ­կա­րե­րէ­նի, էս­տո­նե­րէ­նի եւ բազ­մա­թիւ այլ լե­զու­նե­րու՝ ար­ժա­նա­նա­լով ա­ռան­ձին հրա­տա­րա­կու­թեանց։
Նաեւ ինք՝ Ս. Ա­լա­ջա­ջեան տա­ղան­դա­ւոր թարգ­մա­նիչ էր։ ­Շէյքս­փի­րի եւ ­Ժան-­Փօլ Սարթ­րի կա­րե­ւոր գոր­ծե­րը հա­յա­ցու­ցած է։
«Չ­խո­նար­հո­ւող Ե­ղէգ­նե­րու» մե­ծա­տա­ղանդ պատ­գա­մա­բե­րին ծննդեան տա­րե­դար­ձը ա­ռիթ մը թող ըլ­լայ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու Ս­տե­փան Ա­լա­ջա­ջեա­նի ի­մաս­տուն խոր­հուր­դով.-
«­Միշտ էլ ա­ւագ­նե­րը կար­ծում են, որ ի­րենց ան­ցեա­լը դաս­տիա­րակ կը դառ­նայ ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րի հա­մար: Ես էլ եմ այդ­պէս կար­ծում. նոր սե­րուն­դը իր ներ­կա­յի մէջ կը ձգտի՝ ա­ւագ­նե­րի ան­ցեալն ի­մա­նա­լով՝ դա­սեր վերց­նել նրա­նից»:

90 Տարիներու Փորձառութիւնն Ու Պատմութիւնը` Հարուստ Ու Պարտաւորեցնող Ժառանգութիւն

$
0
0

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

90 տարուան հպարտալի պատմութիւն կայ յարկին տակ այն հաստատութեան, ուր այսօր մեղուաջան աշխատանքի լծուած են տարբեր սերունդի ներկայացուցիչներ, տարբեր մասնագիտութեան տէր անձեր, տարբեր փորձառութեամբ օժտուածներ, որոնք բոլորն ալ, սակայն, կը կրեն նոյն ինքնութիւնը` ազդակցի են:

90 տարուան աւանդ կայ էջերուն մէջ այն օրաթերթին, ուր տողանցած են 90 տասնամեակներ լիբանանահայ, նաեւ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ իրենց տեղն ու դերը ունեցած արժէքաւոր դէմքեր ու յիշատակելի դէպքեր, օրին` սկսնակներ, որոնք ժամանակի ընթացքին դարձած փորձառուներ, ստանձնած են պատասխանատու պաշտօններ` թրծուելով «Ազդակ»-ի մէջ առկայ շունչով ու մթնոլորտով:

90 տարուան փոփոխուող, սակայն երբեք կանգ չառնող կեանք, տարբեր սերունդներ, տարբեր խմբագրատուներ, տարբեր փորձանքներ ու փորձառութիւններ, լաւ ու վատ ժամեր, ուրախութեան ու տխրութեան վայրկեաններ, յաջողութիւններ ու ձախողութիւններ… բոլորը` «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ, «Ազդակ»-ի յարկին տակ, ուր ալ գտնուի անիկա, «Ազդակ»-ի պաշտօնեաներուն ու խմբագիրներուն սրտերուն, հոգիներուն ու մտքերուն մէջ, ովքեր ալ ըլլան անոնք:  

2017 տարին եղաւ յատկանշական, որովհետեւ կարելի չէր անտեսել, որ այսօր «Ազդակ»-ի մէջ գործողները ժառանգորդներն են 90 տարուան արժանաւոր պատմութիւն կերտած վաստակաշատ սերունդներուն, որոնք միշտ ձգտած են պատուաբեր վարկ ու ծանր կշիռ ապահոված այն թերթին, որուն վաստակած անուան հաւատարիմ ու արժանի ըլլալու մնայուն ճիգով կը գործենք այսօր` լայն սրտով ընդունելով շինիչ մատնանշումները, տեղին քննադատութիւնները, որոնք կրնան դրական ըլլալ, երբ անոնց նպատակն ու պատգամն ալ դրական են:

90 տարիներ ետք շատ բան փոխուած է, շատեր միացած ու բաժնուած են թերթէն` թէ՛ յաւիտենապէս եւ թէ՛ պայմաններու բերումով, սակայն կը մնայ 90 տարեկան երիտասարդը` «Ազդակ»-ը, որ հօր մը նման իր շուրջ կը համախմբէ թէ՛ իր հրատարակութեան համար գործողները, թէ՛ ամէն օր զինք անհամբեր սպասողները, թէ՛ զինք սիրողներն ու չսիրողները, թէ՛ իր արժէքին գիտակցողներն ու արժեզրկողները` միշտ ալ նայելով դէպի ապագայ, կատարուած աշխատանքը իբրեւ պատմութիւն նկատելով եւ նորի կերտման ձգտելով:

 

Արցախի Նախագահը Կը Պարգեւատրէ
«Ազդակ»-ը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 յունիսին` «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրԷն Շահան Գանտահարեանին հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին անոր յանձնեց «Երախտագիտութիւն» մետալ` պարգեւատրելով «Ազդակ»-ը` երկարամեայ ազգանպաստ գործունէութեան համար:

Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի գործունէութիւնը` նշելով, որ անիկա կարեւոր եւ հայրենանուէր առաքելութիւն կը կատարէ:

Գործուղումներ

–  2 ապրիլ 2017-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մօտէն հետեւելու եւ ուղղակիօրէն անոնց լրատուութիւնը կատարելու նպատակով Հայաստան գործուղուեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեանը:

– 3 յուլիս 2017-ին, աւելի քան 350 սփիւռքահայ մասնակիցներու ներկայութեամբ, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան 2017 թուականի «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի պաշտօնական բացման արարողութիւնը` համագործակցութեամբ Երեւանի պետական համալսարանին: Այս ծիրին մէջ Երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստումը կայացաւ յուլիս 2-15, անոր` «Ազդակ»-էն մասնակցեցաւ Սիլվի Աբէլեանը:

– Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակին կազմակերպութեամբ 18 եւ 19 հոկտեմբեր 2017-ին գումարուեցաւ Եւրոպայի հայութեան 4-րդ համագումարը, որուն մասնակցեցաւ «Ազդակ» օրաթերթի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեանը եւ օրը օրին մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդեց այդ մասին:

Համացանցային Հարթակներ

Ելեկտրոնային աշխարհին մէջ «Ազդակ» առաւել եւս տիրական դարձուց իր ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը` շնորհիւ համացանցային տարբեր էջերու, ծրագիրներու, որոնց միջոցով աշխարհի որեւէ վայրը գտնուող հայորդիներ տեղեակ եղան հայկական, շրջանային, միջազգային, գաղութային, Հայ դատի եւ ազգային տարբեր լուրերու եւ զարգացումներու մասին:

– «Ազդակ»-ի պաշտօնական կայքը` www.aztagdaily.com-ը, «Ազդակ»-ի կայքի արաբատառ բաժանմունքը` www.aztagarabic.com-ը կը շարունակեն իրենց աշխուժ աշխատանքները:

– «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը «էփլիքէյշըն» տարազով տրամադրելի է թէ՛ «Էփփըլ» եւ թէ՛ «Էնտրոյտ» դրոյթներու օգտատէրերուն: Նաեւ կայ «Ազդակ»-ի «մոպայլ» տարազը:

– Մեր ընթերցողները աշխարհի տարբեր շրջաններէ, տարբեր ժամերու կը հետեւին մեզի, յատկապէս` կայքին, Դիմատետրի, «Թուիթըր»-ի, «Էփլիքէյշըն»-ի եւ «Ինսթակրամ»-ի էջերուն` քաջալերող եւ պահանջող ըլլալու արդարացի իրաւունքով:

– Աշխուժ կերպով կը շարունակեն գործել վայրկեանը վայրկեանին, երբեմն նոյնիսկ տեղական թերթերէն ու կայքերէն աւելի արագ «Ազդակ»-ի կողմէ ամէնօրեայ դրութեամբ օգտատէրերուն ուղարկուող «նշումներ» (notifications):

 

«Ազդակ-Բացառիկ»-ներ եւ յատուկ թիւեր

«Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկ Թիւի
Հրատարակութեան Նուիրուած Շնորհահանդէս-Հաւաք

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, 9 յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր տարուան բացառիկի շնորհահանդէս-ներկայացումը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ-բացառիկ»-ի խմբագիր Արշօ Պալեանը, որ ըսաւ, որ «Ազդակ» իր առաքելութիւնը կը շարունակէ` պահպանելով յատուկ հրատարակութիւններու, որոնց շարքին` «Ազդակ-բացառիկ»-ի աւանդութիւնը: Ան յայտնեց, որ 296 էջերէ բաղկացող հրատարակութեան մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախի Հանրապետութենէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Իրանէն, Կիպրոսէն, Յունաստանէն եւ Սուրիայէն մամուլի 38 աշխատակիցներ եւ թերթին աշխատակազմը:

Խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որ հաստատեց, թէ «Ազդակ» իր հրատարակման առաջին օրէն եւ անցած 90 տարիներուն ընթացքին յաջողած է իր ուրոյն տեղը գրաւել հայ մամուլի պատմութեան մէջ: Ակնարկելով նորօրեայ ընկերային ցանցերուն եւ ելեկտրոնային մամուլին մէջ յաճախ շրջան ընող անճիշդ  լուրերուն` դեսպան Մկրտչեան ըսաւ, որ «Ազդակ»-ի դերակատարութիւնն է` շարունակել մատուցել հաւաստի, ճշգրտուած եւ խոհուն հայեացքներ, միտքեր ու մօտեցումներ:

Ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանը: Ան օրինակով մը դիտել տուաւ, որ «Ազդակ», հասանելի ըլլալով աշխարհի տարբեր քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ, առօրեայ աւիշ եւ շունչ կը ներարկէ տարբեր սերունդներու, տարբեր տարիքներու հայորդիներու: Իբրեւ «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի նախկին անդամ եւ աշխատակից` դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան մաղթեց, որ «Ազդակ»-ի ընթերցողները եւ համակիրները քաջալերանքով նեցուկ կանգնին այս հաստատութեան, որ դպրոց է ու ասպարէզ, ինչպէս նաեւ ապրելու ոճ է հայ իրականութեան մէջ շատ մը հայորդիներու համար, որոնք կը հաղորդուին հայ թերթով` իրենց առօրեայ կեանքին մէջ:

Ելոյթ ունեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը, որ դիտարկումներ կատարեց բացառիկի բովանդակութեան, աշխատակիցներու ընդհանուր պատկերին, անոնց կարեւոր տոկոսի երիտասարդ տարրեր ըլլալու երեւոյթին եւ, վերջապէս, առցանց հատորներու տեսքով բացառիկներու ներկայ ձեւաչափով պահանջուած ըլլալու իրականութեան վերաբերեալ: Խօսքի աւարտին Շ. Գանտահարեան ըսաւ. «Անմնացորդ պիտի շարունակենք ծառայել հայ մամուլին եւ հակառակ դժուարութիւններուն` պիտի շարունակենք պահպանել աւանդականը եւ քայլ պահել ամէնէն նորարար մեթոտներուն հետ»:

Խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ Լիբանանի հայ գաղութի հպարտութեան հիմնական պատճառներէն մէկը «Ազդակ»-ն է, որ անխափան 90 տարիէ կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ լոյս տեսնել: «Ազդակ» տասնամեակներէ ի վեր պատուով կատարած է իր գործը` գաղութի արժանապատուութիւնը բարձր պահելով եւ բարձր պահելու համար», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի եւ հաստատեց, որ «Ազդակ» ո՛չ միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին պաշտօնաթերթն է, այլ նաեւ` մեր ժողովուրդին: Ան ըսաւ. «Եթէ կար ժամանակ, երբ «Ազդակ» միայն լիբանանեան հարցերով կը զբաղէր, այսօր ճակատաբաց եւ Լիբանանի հայութեան հպարտութեամբ անվարան կրնանք ըսել, որ «Ազդակ» Դաշնակցութեան նուէրն է համայն հայ ժողովուրդին: «Ազդակ» Լիբանանի մէջ հրատարակուող Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթը չէ միայն, այլեւ` համայն հայութեան, Հայաստանի, Արցախի, գրաւեալ հողերու մէջ ապրող հայերու պաշտօնաթերթն է, ուր արձագանգ կայ ամէն տեսակի ու ամէն ուղղութեան եւ լայն տեղեկութիւններու»: Իր խօսքի աւարտին Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն յանձն առած է եւ պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ «Ազդակ»-ին` աշխատելով, որ «Ազդակ» ներկայանայ շատ աւելի լայն դիմագիծով, աւելի լայն տեղեկութիւններով, տարածուի լայն զանգուածներուն:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ստացան «Ազդակ-բացառիկ»-էն օրինակներ, ապա հիւրասիրութեան մը շուրջ բոլորուած` շարունակեցին իրենց մտորումները կիսել հայ մամուլի աշխատանքներուն մասին:

– «Ազդակ»-ի ապրիլեան բացառիկին իրենց մասնակցութիւնը բերին 28 աշխատակիցներ` Լիբանանէն եւ տարբեր գաղութներէ: Այս տարուան բացառիկին մէջ հիմնական տեղ կը գրաւէին` 2016-ին Արցախի դէմ սանձազերծուած ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, Ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ետք մտորումներ, հայ ինքնութեան պահպանման հրամայականը եւ այլն ազգային բնոյթ կրող նիւթեր:

– Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով, 22 մարտին «Ազդակ» հրատարակեց յաւելուած մը, որ տրամադրուած էր` այս ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրին, ընտրակարգին վերաբերող Դաշնակցութեան մօտեցումներուն, համապատասխան բացատրողականին եւ համամասնական ու վարկանշային կարգերով առաջադրուած Դաշնակցութեան թեկնածուներուն:

Տեղին է նշել, որ «Ազդակ»-ի բացառիկներուն հովանաւորութիւնը կը շարունակեն ստանձնել տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները:

Յայտնենք նաեւ, որ այս տարի բազմաթիւ առիթներով «Ազդակ»-ը լոյս տեսաւ գունաւոր:

Մամլոյ Լսարաններ

Այս տարի եւս շարունակուեցան «Ազդակ»-ի մամլոյ լսարանները, որոնք իրենց շուրջ համախմբեցին մտաւորականներ, մամլոյ գործիչներ, գրասէրներ, երիտասարդներ եւ ներկայացուած նիւթերով հետաքրքրուողներ:

2017-ին կազմակերպուեցան հետեւեալ մամլոյ լսարանները.

– Թիւ 135 – 1 դեկտեմբեր 2017-ին «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ դոկտ. Վիգէն Չթըրեանը ներկայացուց «Քրտական գործօնը` շրջանի նորագոյն իրադարձութիւններուն լոյսին տակ» նիւթով դասախօսութիւնը:

– Թիւ 134 – 21 նոյեմբեր 2017-ին «Ժ. Պուտաքեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ Սերպիոյ պատուոյ հիւպատոս, գրող, հրապարակագիր եւ թարգմանիչ Բաբգէն Սիմոնեանի «Պատկերներ Լիբանանից» հատորին շնորհահանդէսը:

– Թիւ 133 – 20 նոյեմբեր 2017-ին «Փիւնիկ» սրահին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը ներկայացուց «Հայաստանի Հանրապետութիւն – 1918-1920. պատմութիւն եւ արդիական խնդիրներ» նիւթը:

– Թիւ 132 – 1 հոկտեմբեր 2017-ին «Փիւնիկ» սրահին մէջ դոկտ. Մովսէս Հերկելեանը ներկայացուց «Յովհաննէս Այվազովսկիի հայկականութիւնը` ծովանկարչութեան ընդմէջէն» նիւթը:

– Թիւ 131 – Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի կերպարը պատմագրութեան եւ ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ նիւթը 21 օգոստոս 2017-ին «Փիւնիկ» սրահին մէջ ներկայացուեցաւ համալսարանական դասախօս դոկտ. Արա Սանճեանի եւ երիտասարդ հետազօտող Վարագ Գեթսեմանեանի կողմէ:

– Թիւ 130 – 29 յունիս 2017-ին «Փիւնիկ» սրահին մէջ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի նախագահ փրոֆ. Շահէն Շահինեանը խօսեցաւ երաժշտական կրթութեան հարցերու մասին: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի եւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի միացեալ կազմակերպութեամբ:

– Թիւ 129 – 23 յունիս 2017-ին «Փիւնիկ» սրահին մէջ ամերիկեան Միշիկընի համալսարանի-Տիրպոռնի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի վարիչ դոկտ. Արա Սանճեանը ներկայացուց«Խորհրդային իշխանութիւնն ու Հայոց ցեղասպանութեան հիմնախնդիրը (Պատմագիտական արժեւորումներու հոլովոյթը – 1920-1991)» խորագրեալ նիւթը:

– Թիւ 128 – 22 մայիս 2017-ին «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ «Ժպիտ» մանկապատանեկան ամսաթերթի խմբագրութեան անդամ Մարի Աքպաշը անդրադարձաւ պոլսահայ կեանքի ներկայ կրթական եւ հրատարակչական մարզերուն մէջ տիրող կացութեան:

– Թիւ 127 – 27 ապրիլ 2017-ին «Փիւնիկ» սրահին մէջ ներկայացուեցաւ «Մեծ եղեռնի առաջին վաւերագրողը.  Շաւարշ Միսաքեան» հատորը («Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչատան հիմնադրամի հրատարակութիւն – թիւ 9): Խօսք առին Հայաստանի Հանրապետութեան  Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը եւ հրատարակութեան խմբագիր ու ՀՅԴ արխիւներու բաժինի պատասխանատու Երուանդ Փամպուքեանը:

– Թիւ 126 – 20 ապրիլ 2017-ին «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած լսարանին նիւթն էր «Արցախեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացը` այսօր», իսկ զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը:

– Թիւ 125 – 28 մարտ 2017-ին, «Փիւնիկ» սրահին մէջ «Արցախի լրատուական դաշտի համապատկերը» նիւթին մասին խօսեցաւ Արցախի լրագրողներու միութեան վարչութեան անդամ Միքայէլ Հաջեանը:

– Թիւ 124 – 27 մարտ 2017-ին տեղի ունեցաւ «Գաղափարական բանավէճի բացակայութիւնը` Հայաստանի նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին» խորագիրով լսարանը, որուն զեկուցաբերն էր Վաչէ Բրուտեանը:

– Թիւ 123 – 19 յունուար 2017-ին «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած լսարանին նիւթն էր «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնը եւ արեւմտահայ գրամշակութային հիմնախնդիրները», իսկ զեկուցաբերը` «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն եւ Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. դոկտ. Սուրէն Դանիէլեանը:

– Թիւ 122 – 4 յունուար 2017-ին «Փիւնիկ» սրահին մէջ կայացած դասախօսութեան զեկուցողն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանը, իսկ նիւթը` «Թուրքիա. վերջին զարգացումները` ներքին-արտաքին ուղղութիւններով»:

«Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնի
աշխատանքները

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Կերտիչներու Գործերու թուայնացում

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանն ու «Ազդակ» օրաթերթը իրենց համագործակցութեան ծիրին մէջ թուայնացուեցան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական գործիչներու յուշագրական թէ պատմաքաղաքական հրատարակութիւնները` հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով:

«Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնը իբրեւ առաջին աշխատանք ամբողջականօրէն թուայնացուց Հրաչ Տասնապետեանի խմբագրած եւ երկար ատենէ ի վեր սպառած «Արամը» հատորը: Թուային տարբերակէն օրինակ մը տրամադրուած է Ազգային գրադարանին:

– Երեւանէն մեր աշխատակից Աղասի Ազիզեանին միջոցով «Ազդակ» ստացաւ երկու տասնեակ նկարահանուած ելեկտրոնային հատոր, բոլորն ալ` Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներու եւ հայ յեղափոխութեան դէմքերու վերաբերող:

Հիմնականին մէջ դաշնակցական գործիչներու կեանքերուն եւ մտածումներուն վերաբերող այս ելեկտրոնային հրատարակութիւնները իրականացուած են Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ելեկտրոնային գրադարանին կողմէ: Բոլոր հատորներն ալ յատուկ ծրագրաւորումներով որոնման համակարգով օժտուած են եւ «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնի ելեկտրոնային գրադարանին ճամբով տրամադրելի կը դառնան ուսումնասիրողին:

Ստորեւ` թուայնացուած հատորներու ցանկը.

«ՀՅԴ ծագումն ու զարգացումը», «Քաղաքապետի մը յիշատակները», «Մտածումներ ՀՅԴ մասին», «Արամ Մանուկեան», «Գ. Նժդեհ նամականի – (1920-21)», «Նժդեհ» Ա. հատոր, «Նժդեհ» Բ. հատոր, «Նժդեհ», «Նազարբէկեանի յուշերը», «Զօր. Սեպուհ», «Հայաստան, հայ ժողովուրդ եւ հայկական դատ», «Հայաստանի անկախութիւնը», «Նեղուցները», «Նիկոլ Դուման», «ՀՅԴ Դ. պատմութիւն», «Հայկական հետախուզութիւնը Առաջին հանրապետութեան տարիներին», «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական անվտանգութեան համակարգի ստեղծումը եւ գործունէութիւնը», «Հայաստանը բոլշեւիկեան մուրճի եւ թրքական սալի միջեւ», «Հայաստանի խորհրդարանը եւ քաղաք. կուսակցութիւնները, 1918-1920», «Ռուբէն – Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Ա. հատոր, «Հայ կամաւորական շարժում», «Արդարութիւն մատենաշար», «Բաքու քաղաքի հայութեան պատմութիւնը», «Դրօ», Համլետ Գէորգեան, «Զանգեզուրի գոյամարտը», Ա. Սիմոնեան, «Լեռնային Ղարաբաղ», Ե. Իշխանեան, «Լեռնային Ղարաբաղը 1918-21 թթ», «Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918-1920 թթ.», «Հայերի կոտորածները Բագուի եւ Ելիզավետպոլի նահանգներում 1918-1920 թթ.», «ՀՅԴ եւ խորհրդային իշխանութիւնը», «Ղարաբաղի տագնապը», Արամայիս, «Յուշամատեան», Եղիշէ Պահլաւունի, «Ռոստոմ. մահուան 60-ամեակի առթիւ», «Վան-Վասպուրական», «Յուշապատում ՀՅԴ»:

– «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնը ստացաւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին կողմէ նկարահանուած «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» Ա. – ԺԹ. հատորներու ելեկտրոնային տարբերակները: «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնին մէջ անոնք թուայնացուեցան եւ օժտուեցան որոնման համակարգով:

– Մեր ընթերցողներէն Անդրանիկ Թաթեւոսեանը թերթի հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով տնօրէնութեան յանձնեց արխիւային արժէք ունեցող լուսանկարներու կարեւոր խմբաքանակ մը, որոնք կը վերաբերին 1960-ական թուականներուն Պէյրութի ազգային եւ կրօնական կեանքին: Լուսանկարներուն մէջ կ՛երեւին Սիմոն Վրացեան, Կարօ Սասունի, Ճորճ Մարտիկեան, Զարեհ Ա. կաթողիկոս, Խորէն Ա. կաթողիկոս, Գարեգին վրդ. Սարգիսեան (հետագային` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Ամենայն Հայց կաթողիկոս), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 60-ական թուականներու Ազգային ընդհանուր ժողովէն խմբանկարներ, Ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով ոգեկոչական զանգուածային ձեռնարկներէ առնուած պահեր եւ այդ օրերու լիբանանահայ ազգային կեանքի ղեկավարման մասնակից դէմքեր:

– «Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով մեր ընթերցողներէն Կարօ Պայթարեանը ընտանեկան արխիւներէն «Ազդակ»-ին տրամադրեց 1930-ական թուականներու «Յուսաբեր»-ի հաւաքածոներ: «Ազդակ»-ի գրադարանը հարստացաւ նաեւ տարիներու ընթացքին «Ազդակ»-ի հրատարակած, ապա կազմուած թերթօններու հատորներով (ցանկը կը հրատարակենք շուտով), նաեւ` «Ազդակ»-ի հրատարակած բառարանով:

– «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային գրադարանը եւս հարստացաւ շատ արժէքաւոր, պատմական նշանակութիւն ունեցող լուսանկարներով: «Ազդակ»-ին յանձնուեցան 124 բնագրային լուսանկարներ, ուր կ՛երեւին` Զարեհ Ա. կաթողիկոս, Վարդան Շահպազ, Շաւարշ Միսաքեան, Նիկոլ Աղբալեան, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Գասպար Իփէկեան, Յակոբ Տէր Մելքոնեան, Կարօ Սասունի, Լեւոն Շանթ, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Դրաստամատ Կանայեան, Մուշեղ Իշխան եւ այս մեծերուն առընթեր գործած հոգեւոր, կուսակցական, ազգային գործիչներ, դէմքեր:

Լուսանկարներու ելեկտրոնային կրկնօրինակները կը պահուին «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային գրադարանին մէջ:

– «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ը ստացաւ արխիւային նիւթեր` Կալիփոլիի պատերազմին մասին. յուշագրողը Արմէն Տատեանն է, որ մասնակցած է Կալիփոլիի պատերազմին: Տատեան 1894-ի  ծնունդ է եւ մահացած` 1975-ին: Օսմանեան բանակին մաս կազմած Տատեանի յուշագրութիւնը, անկախ պատերազմական մթնոլորտին, զինուորական գործողութիւններուն մասին լոյս սփռելէ,  կարեւոր է նաեւ Անգարայի կողմէ վերջին տարիներուն Կալիփոլիի նշումին տրուած յատուկ հանգամանքին  եւ այդ ծիրին մէջ  իրադարձութիւններուն աւելի իրողական, ոչ քարոզչական գնահատական տալու առումներով:

Տատեանի ձեռագրային արխիւային նիւթերուն առընթեր ստացած ենք նաեւ Ներսէս Խիւտավէրտեանի 1917-ին գրած քնարերգական բանաստեղծութիւնը (դարձեալ բնագիր, ձեռագիր վիճակի մէջ):

Արխիւային այս նիւթերը թուայնացման համար «Ազդակ»-ին տրամադրեց Արմէն Տատեանին եւ Ներսէս Խիւտավէրտեանին թոռը` Հերա Խիւտավէրտեան-Նաճարեան:

«Ազդակ»-ի  «Քննական Ոսպնեակ»  Խմբակի
Գործունէութեան  Նոր Փուլ

12 ապրիլին սկսաւ «Ազդակ»-ի  խմբագրութեան  հովանիին տակ գործող «Քննական ոսպնեակ» խմբակի գործունէութեան նոր փուլը` իբրեւ աւելի շատ երիտասարդական քննարկումի բեմ:

Խմբակին անդամները նկատեցին, որ ներկայիս քիչ քննարկուող հարցերէն մէկը սեռային խտրականութեան հարցն է, կիներու ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական իրաւունքներուն ձեռքբերման հարցը, հայր իշխանութեան հարցը եւ սեռային իրաւահաւասարութիւնը խոչընդոտող մարտահրաւէրներու վերացմանհարցը: Այս հարցերուն շուրջ առաջին դասախօսութիւնը տուաւ խմբակի անդամներէն Արեւիկ Փափազեան, ուր հիմնուելով իր համալսարանական թեզին վրայ` ներկայացուց, թէ ներկայիս ի՛նչ պատկեր կը պարզէ սեռային խտրականութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, խօսեցաւ հայկական կեանքին մէջ իգական սեռին նկատմամբ հայրիշխանական կարծրատիպերուն մասին:

3 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ նոյն ընդհանուր նիւթին շուրջ երկրորդ դասախօսութիւն-զրոյցը,  որուն ընթացքինկիներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող լիբանանցի գործիչ Լոր Մաքարեմ խօսեցաւ Լիբանանի մէջիգական սեռին նկատմամբ խտրական մօտեցումներուն մասին` շեշտը դնելով մանաւանդ իգական եւ արական սեռերու միջեւ փոխյարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող թապուներուն վրայ: Լոր Մաքարեմ կեդրոնացաւ նաեւ կիներուն սեռային իմաստով նեղութիւն պատճառելու զանազան դրդապատճառներուն մասին` խօսելով նաեւ այս հարցերը շատ չբարձրաձայնելու իմաստով հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող արգելքներունմասին:

«Քննական ոսպնեակ»-ի 3-րդ  դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ 28 սեպտեմբերին` ընդհանուր նիւթ ունենալով հայրիշխանութիւնը: Զեկուցաբերն էր հարաւային Լիբանանի «Ֆենիսիա» համալսարանի դասախօսներէն Հանա Տաքուար: Ան խօսեցաւ սեռային տեսակներու (gender) եւ սեռ (sex) հասկացողութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն մասին: Ան նաեւ անդրադարձաւ տղամարդոց եւ կիներու էութիւնը ցոյց տուող պայմաններուն: Քննարկումի հիմնական առանցքներէն մէկը հանդիսացաւ այն, թէ աշխատանքի մարզին մէջ ինչպէ՛ս կ՛արտայայտուի սեռային խտրականութիւնը: Հանա Տաքուար մանրամասնօրէն խօսեցաւ ներկայ տնտեսակարգին մէջ կիներու ապրանքայնացման, շուկայացման երեւոյթին մասին, նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ այն հիմնական մարզերուն, ուր առաւել եւս շեշտակիօրէն կը դրսեւորուին կարծրատիպերը կենտերային յարաբերութիւններուն մէջ` քաղաքականութիւն, կրօն, մշակոյթ…

4-րդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ 26 հոկտեմբերին: Արազ Գոճայեան ներկայացուց ֆեմինիզմի տեսութիւնը` իբրեւ զուտ գաղափարական ուղղութիւն: Գոճայեան խօսեցաւ ֆեմինիզմի եւ կիներու իրաւունքներու ձեռքբերման երեք տարբեր ալիքներու մասին, որոնք իրարու յաջորդեցին 19-րդ դարէն մինչեւ 21-րդ դարու սկիզբ: Դասախօսը ներկայացուց նաեւ ֆեմինիզմի զանազան տարբերակները` ազատախոհական (Libertarian) ֆեմինիզմ, որ շեշտը կը դնէ վերէն իջած քաղաքական եւ իրաւական բարեփոխումներու իրականացման վրայ, ընկերվարական ֆեմինիզմ, որ շեշտը կը դնէ հայրիշխանութեան վերացման ու ընկերութեան մէջ ինչպէս դասակարգային, նոյնպէս ալ սեռերու միջեւ հաւասարութեան հաստատման վրայ, ռատիքալ` արմատական ֆեմինիզմ, որ ժամանակակից ուղղութիւնն է եւ կը կեդրոնանայ սեռային տեսակի (gender) հարցերուն վրայ:

5-րդ դասախօսութիւնը ներկայացուց իրաւաբան Ովսաննա Սուքիասեան` 9 նոյեմբերին: Դասախօսութեան նիւթն էր «Անձնական կարգավիճակի օրէնքը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ»: Իրաւաբան դասախօսը կէտ առ կէտ անդրադարձաւ օրէնքի զանազան յօդուածներուն, որոնք կը վերաբերէին ամուսնութեան, ամուսնալուծման, ժառանգութեան հարցերուն, զաւակներուն հոգատարութեան խնդիրներուն` ամուսնալուծումէն ետք, ամուսնութեան պարագային ընտանիքը պահելու նիւթական պարտաւորութիւններուն եւ այս բոլորին մէջ` կիներու իրաւունքներուն եւ հաւասարութեան:

23 նոյեմբերին  Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու դասախօս, համեմատական քաղաքական համակարգերու նիւթի համակարգող դոկտ. Ճենիֆըր Սքալթի ներկայացուց «Կիները քաղաքականութեան մէջ» նիւթը: Շարքին այս վեցերորդ դասախօսութեան ընթացքին դոկտ. Ճենիֆըր Սքալթի ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ընդհանրապէս կիներու մասնակցութիւնը քաղաքական հոլովոյթներուն եւ մասնաւորապէս լիբանանեան քաղաքականութեան: Ան նաեւ խօսեցաւ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ներգրաւել կիները քաղաքական թէ ընկերային շարժումներու մէջ` զանազան ծրագիրներու եւ համայնական դաստիարակութեան միջոցով:

14 դեկտեմբեր այս շարքին 7-րդ դասախօսութիւնը տուաւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու, Ընկերվար միջազգայնականի Կիներու խորհուրդին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Վերա Եագուպեանը: Դասախօսութեան նիւթն էր 21-22 նոյեմբեր Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած Ընկերվար միջազգայնականի Կիներու խորհուրդի ժողովը, որուն արծարծած գլխաւոր նիւթն էր «Ժողովրդավարութիւնը տագնապի մէջ. ամբոխավարութեան աճ` կիներու իրաւունքները ո՞ւր կը տեղաւորուին»: Վերա Եագուպեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Ընկերվար միջազգայնականի Կիներու խորհուրդին կազմակերպութեան կառուցուածքը` նշելով, որ անիկա լաւ բեմ մըն է Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայ կիներուն հարցերը միջազգայնօրէն արծարծելու: Եագուպեան նաեւ անդրադարձաւ նշեալ ժողովին ընթացքին իր ունեցած ելոյթին, որ բացառաբար նուիրուած էր նոյն օրերուն Հայաստանի մէջ քննարկումի առարկայ դարձած Ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման օրէնքին եւ անոր որդեգրման անհրաժեշտութեան:

– Հայկական իրականութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով` «Ազդակ»-ի  խմբագրութեան  հովանիին տակ  գործող «Քննական ոսպնեակ» քննարկումներու երիտասարդական խմբակը  միացաւ 25 նոյեմբերէն 10 դեկտեմբեր երկարող Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ 16-օրեայ միջազգային արշաւին եւ 16 օրեր շարունակ «Ազդակ»-ի էջերով  բարձրացուց կիներու իրաւունքներու, սեռային ոտնձգութեան դէմ պայքարի, բռնութեան, կիներու ազատագրութեան ու հաւասարութեան, ինչպէս նաեւ խտրականութեան դէմ պայքարի հարցերը` հրապարակելով յօդուածներ, տեղեկութիւններ, հարցազրոյցներ եւ հայկական ֆեմինիստական գրականութենէն էջեր:

(Շար. 1)

Անդրադարձ. Նկատումներ` Իրանեան Ցոյցերուն Շուրջ

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Հինգշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2017-ին, Իրանի Մաշհատ քաղաքին մէջ սկիզբ առաւ ցոյց մը, որ շուտով տարածուեցաւ իրանեան այլ քաղաքներու մէջ, ներառեալ մայրաքաղաք Թեհրանը: Սղաճի, անգործութեան եւ տնտեսական շարք մը այլ խնդիրներու դէմ բողոքի ցոյցերը, սակայն, վերածուեցան անկարգութիւններու:

Ինչպէս միշտ, շուտով Արեւմուտքէն սկսան հնչել ցոյցեր կատարելու եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքը երաշխաւորելու կոչեր: Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները քայլ մը անդին երթալով խօսեցան Իրանի մէջ փոփոխութեան ժամանակի հասնելուն եւ «իրանցի ժողովուրդի հերոսական դիմադրութեան» մասին: Միակ հաւասարակշռուած կեցուածքը արտայայտեց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն, որ կոչ ուղղեց ցուցարարներուն արծարծած «արդարացի եւ կարեւոր» հարցերուն շուրջ լուրջ երկխօսութիւն կատարելու:

Իրանեան վերջին իրադարձութեան մէջ կարելի է տեսնել երկու անջատ երեւոյթներ, որոնցմէ առաջինը քաղաքացիներու խաղաղ բողոքի ցոյցն է, ինչ որ հասկնալի է եւ անվիճելի իրաւունք, իսկ երկրորդը` ցոյցերու ներքին ու արտաքին շահագործման դէպքերը. ցուցարարներու շարքերուն մէջ ներթափանցածներու կողմէ կրակոցներու եւ իրանեան դրօշի հրկիզումն ու պատռտումը բողոքի ցոյցին արտաքին ուժերու կողմէ շահագործման եւ արտաքին օրակարգի մը ծառայեցնելու փորձի գոյութեան ցուցանիշն են, իսկ նախագահ Հասան Ռուհանիի դէմ բացագանչութիւնները` անոր մրցակիցներուն կողմէ ներքին շահագործման եւ իշխանութեան շուրջ պայքարի ցուցանիշը: Այս երեւոյթները չէին վրիպած ուշադրութենէն Ռուհանիի, որ յայտարարեց, թէ անցնող օրերուն փողոց դուրս եկողները անպայման իրենց հրամանը դուրսէն չստացան, այլ անոնցմէ ոմանք փողոց դուրս եկան իրենց դիմագրաւած հարցերուն պատճառով:

 

 

 

2018-ը` Հայկականութեան Տարի

$
0
0

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Փակեցինք 2017 տարին` իր լաւ ու վատ էջերով: Հաւաքական մեր կեանքը արձանագրեց նուաճումներ ու յաջողութիւններ: Բացթողումներ ալ կատարուեցան անտարակոյս: Իւրաքանչիւր անհատ, իր իմացութեան սահմաններուն մէջ կրնայ ընդհանուր գնահատանքը կատարել անցնող տարուան:

2017 տարին ու զայն նախորդող տարիները փակելով կարելի չէ միայն դրական գնահատումներով բաւարարուիլ: Հիմնականը` քննական առողջ մտածողութեամբ, անկեղծ ու անշահախնդիր մօտեցումներով կշռադատելն է ու դասեր քաղելով մուտք գործել 2018 տարին:

Բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ 2018 տարին պիտի ըլլայ եռուն տարի մը թէ՛ համահայկական եւ թէ՛ ներլիբանանեան իմաստով, ուր մենք իբրեւ Լիբանանի գոյութեան անքակտելի բաժին, պարտաւոր ենք գործօն եւ խիզախ կեցուածքներով հրապարակ գալ թէ՛ ի խնդիր Լիբանանի եւ Լիբանանի հայութեան եւ թէ՛ ի խնդիր համայն հայութեան ընդհանրական ուժեղացումին:

2018-ը յոբելենական թուականներով հարուստ տարի մըն է: 2018-ին համայն հայութիւնը կը նշէ հաւաքական մեր կեանքին վրայ իրենց վճռական դրոշմը ձգած կարգ մը թուականներ:

Այս տարի հաւաքաբար պիտի նշենք հետեւեալ թուականները.

2800-ամեակը Երեւան մայրաքաղաքի հիմնադրութեան եւ 100-ամեակը անկախ Հայաստանի մայրաքաղաք հռչակման,
100-ամեակը Հայաստանի պետականութեան վերականգնման,
100-ամեակը Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադրութեան,
90-ամեակը Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան,
35-ամեակը Լիզպոնի հերոսական գործողութեան,
30-ամեակը Արցախեան պահանջատիրութեան բռնկումին,
30-ամեակը Սումկայիթի հայութեան ջարդերուն,
30-ամեակը Հայաստանը հարուածած երկրաշարժին:

Ամեակներ, որոնք կը բնորոշեն հայ ժողովուրդի նկարագրային կառուցուածքի հիմքերը եւ անոնց նշումը մղիչ ուժի կը վերածուի ներկայ եւ յառաջիկայ սերունդներուն համար:

Երեւանի հիմնադրութիւնը հայութեան ամրակուռ կամքին եւ յաւերժութեան խորհրդանիշն է անտարակոյս:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման եւ պետականութեան վերականգնման գոյապայքարը, հայ մարդուն ազատ ու անկախ ապրելու եւ ազատատենչ թռիչքի յիշեցումն է ու խորհրդանիշը:

ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի ամեակները, հայ երիտասարդութեան բարձր դերակատարութեան եւ հայ մշակոյթի անզիջելի գործօնի հրամայականին բնորոշիչներն են:

Լիզպոնն ու Արցախի պահանջատիրութեան պոռթկումը հայ ազատ մարդու ցասումի բռնկումն են եւ ազատ ու ինքնիշխան ապրելու անտեղիտալի կամքի վերընձիւղումը:

Սումկայիթն ու երկրաշարժը տառապանքէն փիւնիկի վերազարթօնքի լաւագոյն օրինակներն են:

Ու այս բոլոր ամեակները զիրար միացնող, զօդող եւ հասարակ, մէկ յայտարարի տակ բերողը հայկականութի՛ւնն է, ազգայի՛ն կամքը եւ ազգայնականութի՛ւնը:

Թէ ինչպէս պէտք է նշել կամ պիտի նշուին այս ամեակները, թէ՛ պետական, թէ՛ գաղութային եւ թէ՛ լիբանանեան մակարդակներու վրայ, գործադաշտերու համապատասխան շրջանակները վստահաբար պիտի կարենան ծրագրումները կատարել եւ զանոնք գործադրութեան յանձնել:

Հիմնականը սակայն այս ամեակներու նշման մէջ, անցեալը վերյիշելով ու զայն պանծացնելով հանդերձ ընել այնպէս, որ մենք զմեզ արժանի նկատենք այդ անցեալին ժառանգորդները ըլլալու եւ անոր թելադրականութեամբ յեղափոխենք մեր ներկան, սրբագրենք շեղումները, դարմանենք յուսախաբումները, թօթափենք խոտորումները եւ վերագտնենք հայկական ինքնութեան արժէքները:

Ճիշդ է, 2018-ն ամեակներու տարի է: Ու որպէսզի այդ ամեակները քարացած գաղափարներու կուտակում չմնան, յուշակոթողներու եւ հանդիսութիւններու չվերածուին, պարտաւոր ենք զանոնք թելադրականութեան ու կենդանի կեանքի սնունդի վերածել:

2018-ը հայկական արժէքներու տարին է:
2018-ը մենք զմեզ վերագտնելու տարին է:
2018-ը մեր աւանդական ակունքներուն վերադարձի տարին է:
2018-ը յաւելեալ ուժի, կռանուած ուժի տարին է:
Միասնաբար, բռնցքուած միասնական ուժ դառնալու տարին է:
2018-ը մեր կամքը ազատօրէն արտայայտելու տարին է: Զգօնութեան ու խղճի վերադարձի տարին է:
Ինքնութեան ակունքներուն վերադառնալու տարին է:

Ու վերջապէս,
Հայկականութեա՛ն տարին է:

 

 

«Գարուն»ը Իրան Հասցնելու Փո՞րձ

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

2018ի նախօրեակին՝ 28 Դեկտեմբեր 2017ին, Իրանի Նաճաֆապատ քաղաքին մէջ ծայր առին բողոքի ցոյցեր, որոնք 3-4 օրուան մէջ վարակեցին շուրջ 15 քաղաքներ եւ առիթ դարձան ծաւալուն խռովութիւններու. արիւնահեղութիւնները 5 օրուան մէջ խլեցին 20 զոհեր, արձանագրուեցան վիրաւորներ, տեղի ունեցան ձերբակալութիւններ ու… աշխարհով մէկ դուռը լայն բացին այլազան արձագանգներու եւ մեկնաբանութիւններու, նաեւ՝ բանաւոր միջամտութիւններու։

Թեհրանի իշխանութեանց ընդդիմադիրները փողոց իջած են, բողոքելու համար տնտեսական-ընկերային տագնապին դէմ, քննատադութիւններ կ՛ուղղուին կաշառակերներուն. դժգոհութեան խորագիրներն են ապրուստի սղութիւնը, սղաճը, անգործութեան ալիքը, տնտեսութեան լճացումը եւ նման մտահոգութիւններ։ Նախագահ Ռուհանի եւ անոր իշխանութիւնը քննադատութեանց թիրախ են, որովհետեւ, ըստ ընդդիմադիր ցուցարարներուն, ան չէ յաջողած իրականացնել վերընտրութեան օրերուն տուած խոստումները՝ բարելաւել տնտեսական-ընկերային-ապրուստի պայմանները։ Ընդդիմադիրները իշխանութիւններէն կը պահանջեն աւելի հոգածու ըլլալ երկրի բնակչութեան նկատմամբ, քան թէ «ճակատումի ելլել Սէուտական Արաբիոյ դէմ կամ միջամտութիւններ կատարել Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի ու Կազայի մէջ…»։

Նախագահը յայտարարեց, որ ընդունելի կը նկատէ բողոքի արտայայտութիւնները, սակայն անհրաժեշտ նկատեց, որ բրտութեան չդիմուի, մանաւանդ զգուշացուց իյնալէ արտաքին միջամտութիւններու ազդեցութեան տակ, ինչպէս եղած է անցեալին։

«Թրամփ կը ներկայանայ իրանցի ժողովուրդին պաշտպանի դերով, մինչդեռ քանի մը ամիս առաջ իրանցիները ահաբեկիչ կը նկատէր», յայտարարեց ան, միաժամանակ բացայայտելով, որ իշխանութեան կողմնակիցները կրնան աւելի մեծ ցոյցերու ձեռնարկել. նախանշանները երեւցած էին շաբաթավերջին. իսկ ապահովութեան սպասարկութիւնները յայտնեցին, որ խաղաղ ցուցարարները բրտութեան մղող՝ քանի մը դաւադիր գործակալներ ձերբակալուած են։

Լրատու աղբիւները, մասնաւորաբար արեւմտեան աշխարհի մէջ, փողոցի իրադարձութեանց ու յայտարարուած պատճառներուն վրայ կեդրոնացուցած են լուսարձակները, խուսափելով մտնելէ կարգ մը «մանրամասնութեանց» մէջ, որոնք յայտնապէս աւելի մեծ բաժին ունին բողոքի ալիքի շղթայազերծման մէջ։

Իրանեան իրադարձութեանց հետեւողներ կը նկատեն, որ ցոյցերու այս փուլը ունի քանի մը ծալք։ Ներքին բեմին վրայ, անցեալ Մայիսին վերընտրուած Ռուհանիի մրցակիցները որոշ հաշիւներ կը հետապնդեն։ Այլ գիծի մը վրայ, թէեւ ոչ նկատառելի ազդեցութեամբ՝ կան նախկին Շահին օրով իշխանութեան վրայ եղողները, որոնցմէ շատեր կը գտնուին երկրէն դուրս եւ ունին իրենց հաշիւներն ու օրակարգը։ Այլ կէտ մըն է այն, որ ցոյցերու նախօրեակին, իշխանութիւնները մեղմացուցին կիներու քող գործածելու օրէնքը, ինչ որ հաշտ աչքով չէ դիտուած պահպանողական հոսանքներու կողմէ։ Արտաքին գիծերու վրայ, Իրան վերջին տարիներուն արձանագրած է քանի մը ուշագրաւ նուաճումներ, որոնք այլապէս հաշտ աչքով չեն դիտուիր արեւմտեան աշխարհի կարգ մը շրջանակներու մէջ։ Իբրեւ օրինակ՝ կը յիշատակուին միջազգային ուժերու հետ կորիզային ուժանիւթի օգտագործման մասին 2015ին գոյացած պատմական համաձայնութիւնը, որուն նկատմամբ բարի տրամադրութիւններ ունէր նաեւ Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ Պարաք Օպաման, եւ սակայն, իր նախորդներուն գծած կարգ մը գիծերը «բարեշրջելու» թրամփեան հաշիւները նկատի ունին նա՛եւ Իրանը, որուն հետ Ուաշինկթընի հակադրութիւնը կը սրի ամիսէ ամիս։ Իրան նաեւ յաջողութիւններ արձանագրեց ծայրայեղականներու եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ մղուած պայքարին մէջ, գործակցելով Իրաքի, Սուրիոյ եւ Մոսկուայի հետ, զօրակից կը կանգնի պաղեստինցիներու իրաւունքներուն (իսկ Թրամփ վերջերս ծանր հարուած մը տուաւ պաղեստինեան դատին՝ խոստանալով Իսրայէլի ամերիկեան դեսպանատունը փոխադրել Երուսաղէմ), տակաւին, Լիբանանի ու Եմէնի բեմերուն վրայ իրանեան դիրքորոշումը կը շարունակէ անհաճոյ թուիլ մասնաւորաբար Ուաշինկթընի, որոշ չափով նաեւ կարգ մը արեւմուտքցիներու։ Գաղտնիք չէ, որ Իրանի տկարացումը (եթէ յաջողի) առիթ պիտի տայ այլ հաշուեյարդարներու։

Իրանեան բեմի զարգացումներուն հետեւողները նաեւ կը նկատեն, որ Արեւմուտքին հետ յարաբերութիւնն ու գործակցական կապերը վերազարգացնելու Իրանի ճիգերը ընդհանրապէս մնացած են անհետեւանք, այսինքն, Իրան ցարդ չէ կրցած ըստ իր ակնկալութեանց բարելաւել իր վիճակը. այս կացութեան մէջ Արեւմուտքին խաղացած դերը ընդհանրապէս կ՛անտեսուի կամ կը պահուի լուսարձակներէն հեռու։ Օրինակի համար, 2015ի համաձայնութենէն ետք, կը նախատեսուէր, որ առեւտրական եւ այլ ոլորտներու մէջ գործակցութիւնը զարգացում ապրէր, մինչդեռ Իրանի «պաշարումը» նուազագոյն փոփոխութիւններու ենթարկուած է միայն, ինչ որ իր վատ անդրադարձը կ՛ունենայ տնտեսական-ընկերային տագնապի ծանրացման մէջ։

Իրանը տագնապի մատնող ցոյցերը կարգ մը դէտերու կողմէ կը ներկայացուին իբրեւ նորագոյն փորձ մը՝ քարիւղով հարուստ ու ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող այս երկիրը վարակելու «արաբական գարուն»ով։ Յիշեցում կը կատարուի, որ Թունուզէն ծայր տուած «գարունը» տնտեսական դրդապատճառներով ծայր տուած էր, այլ երկիրներու մէջ ալ ժողովրդավարութեան, տնտեսական, կաշառակերութեան ու նմանօրինակ խաղաքարտեր գործածուեցան արդարօրէն կամ անարդարօրէն, իսկ աշխարհը այսօր շատ լաւ գիտէ, թէ Թունուզ, Լիպիա, Սուրիա, Իրաք, Եմէն եւ այլ երկիրներ այցելած «գարուն»ը ինչպիսի՛ ահաւոր հետեւանքներ ունեցաւ, յայտարարուած նշանախօսքերը ինչպիսի՛ մսխումի ու չարաշահութեան ենթարկուեցան…

Իրանի վրայ բացայայտ ճնշումի այս միջոցները նորութիւն չեն։ Նախորդ նախագահին՝ Ահմատի նեժատի օրերուն ալ, 2009ին, այլազան նշանախօսքերով ցոյցեր հրահրուեցան ու տագնապալի վիճակ ստեղծուեցաւ, սակայն իշխանութիւնը ի վերջոյ յաղթահարեց մարտահրաւէները. բարեշրջումներու էջեր բացուեցան մանաւանդ Արեւմուքին կողմէ իբերւ թէ հաշտ աչքով դիտուած՝ Ռուհանիի ընտրութեէն ետք, 2014ին, սակայն ակնկալուած յառաջդիմութիւնը չարձանագրուեցաւ՝ նաե՛ւ արտաքին սեղմումներու շարունակման պատճառով։ Մակերեսային դատումո՛վ միայն կարելի է զարմանալ, թէ բնական հարստութիւններով օժտուած Իրան մը (կամ նման երկիրներ) ինչո՞ւ տնտեսական անկում կ՛ապրին…

Եթէ քանի մը բառով արձանագրենք նորագոյն շարժումին գտած արտաքին արձագանգները, պատկերը աւելի յստակ կը դառնայ։

Նախագահ Թրամփ, փոխնախագահ Փենս եւ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու հրապարակ եկան ցուցարարները քաջալերողի դերով, ու յորդորելով, որ անոնք հեռացնեն իշխանաւորները։ Այս մտածողութեան դրօշակիր արեւմտեան ու արաբական թերթեր ցոյցերը նկատեցին իրանեան այժմու իշխանութեանց վախճանին սկզբնաւորումը։

Գերմանիա աւելի չափաւորական դիրք ունէր, ու բաւականացաւ կոչ ուղղելով իրանեան իշխանութիւններուն, որ չկաշկանդեն ցոյց կատարելու իրաւունքը։

Մոսկուա ցոյցերը նկատեց արտաքին միջամտութիւններու եւ ճմշումներու հետեւանք։ Այլ երկիրներ աւելի վերապահ կեցուածք ունին, սակայն բազմաձայն երգչախումբը կրնայ զարգանալ յառաջիկայ օրերուն։ Կարգ մը մեկնաբաններ կը նկատեն, որ չինական լրատու աղբիւրները որոշ չէզոքութիւն կը պահեն, մասամբ յարելով ի նպաստ Իրանի իշխանութեանց, իսկ դէպքերու յաւելեալ զարգացումը կրնայ Չինաստանի համար նպաստաւոր ալիքներ ստեղծել Միջին Արեւելքի մէջ…

Իրանի նորագոյն զարգացումները կրնան ներքին գետնի վրայ որոշ արդարացում ունեցող դրդապատճառներ ունենալ, սակայն պատկերը պէտք է դիտել իր ամբողջութեանը մէջ, առանց անտեսելու այն իրականութիւնը, որ Իրան իր սահմաններէն ներս թէ անկէ անդին՝ կը շարժի իր շահերուն պաշտպանութեան մօտեցումով։ Աւելի քան 40 տարիէ ի վեր, Իրանի եւ Արեւմուտքի շահերուն միջեւ կը շարունակուի պարանաձգութեան խաղ մը, որ յաճախ կ՛ապրի նման սաստկացումներ (Խումէյնիէն առաջ, Շահին օրով ալ կար այդ խաղը, սակայն ունէր տարբեր դիմակ)։ Այդ խաղը նաեւ իր հետեւանքները, արձագանգները կ՛ունենայ ամբողջ շրջանին վրայ, կ՛օգտագործուին յարանուանական դարաւոր հակադրութիւններ, որոնց զոհ-լծակից կը դառնան նաեւ դրացի երկիրներ։ Անցեալ տասնամեակներուն մասամբ քողարկուած խաղը հետզհետէ աւելի՛ հրապարակային կը դառնայ (եթէ յիշողութիւնները չեն բթացած, մարդիկ պիտի յիշեն, որ նոյնինքն Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները գաղտագողի ինչպիսի՛ չարաշահութիւններու դիմեցին Իրաք-Իրան պատերազմի օրերուն, պատմութեան մէջ արձանագրելով «Իրան-Քոնթրա» գայթակղութիւնը, յետոյ նաեւ տարբեր ձեւերով չարաշահեցին Իրաք-Քուէյթ ու անոր հետեւող տագնապները, մի՛շտ հետամուտ մնալով որոշ գանձանակներու շահերուն ապահովման, ի հեճուկս խնդրոյ առարկայ երկիրներուն)։

***

Իբրեւ Իրանի անմիջական դրացիներէն մէկը՝ Հայաստան իրաւունք ունի մտահոգուելու այս ու նմանօրինակ զարգացումներով, եւ այդ՝ ի՛ր շահերուն ու ապահովութեան դիտանկիւնէն։ Աւելին, ամբողջ Միջին Արեւելքի, ինչո՞ւ չէ նաեւ ամբողջ աշխարհի շահերը կը պահանջեն, որ խաղաղութիւնը նոր ցնցումներ չկրէ շրջանին մէջ, որովհետեւ անկէ վնաս կը հասնի բոլորին, բացի… չարաշահող գանձանակներու տէրերէն։

 

1 Յունուար 2018

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live