Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12047 articles
Browse latest View live

ՀՅԴ 127 փառապանծ տարիներու առթիւ մեծ տօնախմբութիւն Մօնթէվիտէոյի մէջ

0
0

Ինչպէս բոլոր հայաշխարհը, Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, այս օրերուս մեծ հանդիսութիւններով կը տօնախմբեն ՀՅԴ 127-րդ տարեդարձը, այստեղ եւս, Մօնթէվիտէոյի Վռամեան Կոմիտէի եւ քոյր միութիւններու միացեալ ճիգով, տօնախմբուեցաւ այս հզօր Կազմակերպութեան, ՀՅ Դաշնակցութեան 127 տարիները, Վռամեան ակումբի շքեղ հանդիսասրահին մէջ։

Նախքան սրահ անցնիլը, ակումբի շրջաբակի մէջ գտնւող մեր շրջանի Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդի եւ իրեցմէ ետք ֆիզիքապէս բացակայ մեր ընկերներուն համար կառուցուած Յուշակոթողի մօտ, տեղի ունեցաւ յարգանքի արարողութիւն, ուր խօսք առաւ ՀՅԴ Վռամեան Կոմիտէի անդամ Կարօ Հէքիմեանը, որմէ ետք բոլոր ներկաները մեխակներ զետեղեցին Յուշակոթողի տակ։

Տօնախմբութիւնը ընթացք առաւ երբ ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ-ի սկաուտներէ բաղկացած դրօշակակիռներ, «Արիւնօտ դրոշ»ի հնչիւններու տակ սրահ մուտք գործեցին, Հայաստանի, Արցախի եւ Դաշնակցութեան դրօշներով, որմէ ետք լսուեցաւ ՀՅԴ Քայլերգ «Մշակ բանւոր»-ը։

Օրուայ պատշաճ խօսքը փոխանցեց Վռամեան Կոմիտէի ներկայացուցիչ, ընկերուհի Իզապէլ Աթթարեանը ուր ի միջի այլոց ըսաւ «Դաշնակցութիւնը ինչպէս միշտ ըրած է իր պատմութեան ընթացքին, ոչ մէկ ճիգ չէ խնայած որպէսզի պահպանէ աշխոյժ, կենսունակ եւ կազմակերպ սփիւռք մը, այս մէկը նկատի ունենալով է որ այստեղ, մեր գաղութի մէջ ալ, բարեբախտաբար նոր հանգրուան մը սկսած է, ուր բարենպաստ մթնոլորտ մը կայ, մեզի հետ միասին բոլոր գործող միութիւններն ալ, համագործակցութեան ճամբաներ գտնելու, որպէսզի նախ միասնաբար զօրացնենք մեր գաղուգը, ապա օժանդակենք Մայր Հայրենիքին, անոր ազգային ապահովութեան եւ պետականութեան հզօրացման գործին» ըսաւ ընկերուհին։

Դաշնակցութեան 127-րդ տարեդարձի առթիւ իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Ուրուկուայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ արք. Գըլնճեանը, շեշտելով որ «ՀՅԴ-ն ունի փառապանծ պատմութիւն, բայց Դաշնակցութիւնը միայն պատմութիւն չէ, այլ ներկայութիւն։ Ներկայութիւն է նաեւ այս գաղութին մէջ, իր քաղաքական, մշակութային, մարդասիրական եւ մարզական կառոյցներով։ Ես կ՛ուզեմ շատ կարևորել Հայ Դատի համար տարուած եւ տարւող աշխատանքները այս գաղութին մէջ, ապրին Հայ Դատի երիտասարդները, ապրին բոլոր Հայ Դատի Յանձնախումբերը, որոնք գործեցին այս գաղութի մէջ, ես ուղղակի կը յարգեմ Հայ Դատի սքանչելի գործունէութիւնը և կը մաղթեմ որ բոլոր հայկական կազմակերպութիւններն ալ նոյնպէս աշխատին, ինչպէս կ՛աշխատի ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ Դատի Յանձնախումբերը, այս մէկը կ՛ըսեմ քանի որ պատիւ կ՛զգամ որ այսպիսի համայնքի մը հոգևոր առաջնորդն եմ, ուր կան մարդիկ որոնք կը տանին հոյակապ աշխատանք եւ ազգապահպանման գետնի վրայ, Հայ Դատի ուղղութեամբ, ինչու չէ նաեւ պաշտպանելով Հայ Եկեղեցւոյ շահերը։

Դիւրին է նստիլ եւ ըսել թէ մենք ղեկավար ենք այսինչ, այնինչ ակումբին, սակայն առանց գործունէոււթեան, դիւրին է եւ դատապարտելի, իսկ Դաշնակցութիւնը, եղած է գործի կուսակցութիւն եւ յատկապէս այս գաղութին մէջ, բոլորս ալ կը վկայենք, անկարելի է չտեսնել Դաշնակցութեան այդ գործունէութիւնը» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՅԴ Արմենիա Երիտասարդական Միութեան անդամներէն, Ռօմինա Գույումճեանը որ մեծ զգացումով եւ սպաներէնի թարգմանուած, յայտնի Դաշնակցական մտաւորական Երուանդ Պոյաճեանի «Դաշնակցականը» գրութիւնը ներկայացուց, յուզելով շատերը։

Համազգայինի Շիրազ պարախումբը, ինչպէս բոլոր տօնական հանդիսութիւններուն, այս անգամ եւս իր մասնակցութիւնը բերաւ հայկական, թէ ժողովրդական եւ թէ ռազմական պարերով, ինչ որ մեծ ոգևորութիւն ստեղծեց եւ տարբեր երանգ մը տուաւ, խանդավառելով բոլոր ներկաները:

Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ Պ. Այրէսէն ի մասնաւորի հրաւիրուած Նոր Արաքս նուագախումբի ելոյթով եւ յայտնի երգիչ Ալեխանտրօ Չիփեանի մասնակցութեամբ, որոնք յեղափոխական եւ հայրենասիրական իրենց երգ ու նուագով սրահը թնդացուցին, մինչեւ որ հասաւ ավանդական կարկանդակի հատումը, որուն շուրջ հաւաքուեցան վեթերան եւ ներկայ ընկերներ։

ՀՅԴ Վռամեան ակումբի հանդիսասրահին մէջ բերնէ բերան լեցուցած ներկաները, ընկերներ և համակիրներ, կրկին անգամ հաստատեցին թէ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ իր քոյր կառոյցները ընտրած են ճիշտ ճանապարհ, որ ուրիշ ճանապարհ չի կրնար ըլլալ եթէ ոչ այն միակ ուղին, որ կը տանի Հայաստանի եւ Հայութեան տեսլականը իր վախճանական իտէալին հասցնելու, գրխագիրով գրուած, ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ, ԱմԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՄԲ:


Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կաղանդի Պատրաստութիւն

0
0

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ

Կօշիկները ձեր հին, մաշած,
Փայլուն թուղթի մէջ փաթթուած,
Ձեր թաղին մօտ աղբանոցին
Քովը դրէք այս Կաղանդին:
Աւելցուկներ ձեր կերածէն`
Ուտեստեղէն, անուշեղէն,
Նաեւ եթէ պիտի թափէք,
Շատ խնամքով տուփերու մէջ`
Մաքուր, կոկիկ, տեսքով աղէկ`
Աղբանոցին ձեր յանձնեցէք:
Հագուստները ոչ նորոյթէն,
Զոր չէք սեպեր ձեր ճաշակէն,
Փայլուն թուղթով, ժապաւէնով
Զարդարեցէք մեծ հաճոյքով,
Տակը ծառին աղբանոցին
Զետեղեցէք դուք ձեր թաղին:
Գէթ մէկ անգամ այս օրերուն
Մի՛ ամչնաք նուիրելու
Զանոնք անոնց, որոնք առտուն
Աղբերուն մէջ ձեր թաղերուն
Պիտի շրջին ու որոնեն
Նուէրները երկար ատեն`
Ուրախութեամբ, հրճուելով,
Բեղուն Կաղանդ մը տօնելով:
Այս օրերուն, մարդ արարած,
Աղբերուն մէջ գլուխդ ծռած`
Կը փնտռես կեանքդ դժբախտ,
Սրտաճմլիկ, բայց անվհատ:

15-10-1999
Լիբանան

Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Խորհրդարանական Համագործակցութեան Յանձնաժողովի Յայտարարութիւն

0
0

Արցախի Հարցով Եւրոպական Միութիւնը Կը Զօրակցի Մինսքի Խմբակի Ջանքերուն

Դեկտեմբեր 19-20 Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովին 17-րդ նիստը, որուն աւարտին հրապարակուած է եզրափակիչ յայտարարութիւն, եւ ներկայացուած են առաջարկներ, որոնք հիմնուած են Գործընկերութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագրի 83-րդ յօդուածին վրայ:

Ընդունուած փաստաթուղթը արտացոլացումն է Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ստորագրութեան պարունակին մէջ Հայաստանի-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ընթացքին` թէ՛ երկկողմանի եւ թէ՛ բազմակողմանի հարթութիւններու վրայ համագործակցութեան ոլորտներուն ու յառաջիկային կատարուելիքներուն:

Փաստաթուղթը անգամ մը եւս կը հաստատէ Արցախի տագնապին նկատմամբ ԵՄ-ի յստակ դիրքորոշումը` աջակցութիւն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդական ջանքերուն:

Ստորեւ` «Արմէնփրես»-էն կ՛արտատպենք փաստաթուղթին հայերէն տարբերակը` ոչ պաշտօնական թարգմանութեամբ:

2017 թուականի դեկտեմբերի 19-20-ը Երեւանում տեղի է ունեցել ԵՄ-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի (ԽՀՀ) 17-րդ նիստը` Հայաստանի Ազգային ժողովի անունից Արմէն Աշոտեանի եւ Եւրոպական խորհրդարանի անունից Սաճատ Քարիմի համանախագահութեամբ: Հայաստանի կառավարութեան անունից հանդէս են եկել Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեանը, Եւրոպական միութեան անունից` Հայաստանում Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Պիոտր Սվիթալսքին:

Հաշուի առնելով ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւնների ներկայ վիճակը` Խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովը համաձայնութեան է եկել հետեւեալ յայտարարութեան եւ առաջարկութիւնների շուրջ:

Խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովը`

1.- Վկայակոչում է Եւրոպական խորհրդարանի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի առանցքային դերը ժողովրդավարական oրինականութեան հիման վրայ Արեւելեան գործընկերութեան տինամիքայի զարգացման գործում:

2.- Ողջունում է Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ստորագրումը Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի շրջանակում, որը տեղի է ունեցել 2017 թուականի նոյեմբերի 24-ին, Պրիւքսելում:

3.- Ընդգծում է, որ այս պատմական համաձայնագիրը հիմնուած է ժողովրդավարութեան, իրաւունքի գերակայութեան, լաւ կառավարման եւ մարդու իրաւունքների ու հիմնարար ազատութիւնների յարգման ոլորտում ԵՄ-ի եւ Հայաստանի համատեղ յանձնառութեան վրայ: Խորապէս համոզուած է, որ այն հաստատուն իրաւական հիմք է ստեղծում քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման համար, ընդլայնում է տնտեսական, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի, հաղորդակցութեան եւ բնապահպանութեան ոլորտներում համագործակցութեան շրջանակը, առեւտրի եւ ներդրումների ոլորտում ստեղծում է հնարաւորութիւնների նոր դաշտ եւ ճանապարհ է հարթում քաղաքացիների օգտին շարժունակութեան աշխուժացման համար: Ընդգծում է, որ ժողովրդավարութեան ամրապնդման համար կարեւորագոյն բաղադրիչները, ինչպիսիք են` իրաւունքի գերակայութիւնը, դատական համակարգի միասնականացումը, հանրային եւ ընկերային հիմնարկների զարգացումը եւ լաւ կառավարումը ընկած են նոր համաձայնագրի հիմքում:

4.- Յորդորում է Եւրոմիութեանը եւ Հայաստանին յանձնառու մնալ սոյն համաձայնագրի լիարժէք եւ հետեւողական իրականացմանը:

5.- Կարեւորում է ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի դերը, որը նոր խթան է Եւրոպական խորհրդարանի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի միջեւ խորհրդարանական համագործակցութեան ամրապնդման համար: Ընդգծում է նոր մակարդակի խորհրդարանական համագործակցութեան ձեւաչափ ունենալու կարեւորութիւնը, որն ուղղուած կը լինի ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան խորհրդարանական բաղադրիչի ընդլայնմանը:

6.- Ընդգծում է, որ երկու խորհրդարանները պէտք է համապատասխան մեքանիզմներ ապահովեն խորհրդարանական վերահսկողութեան ուժեղացման, հասարակութեան իրազեկման բարձրացման եւ ներգրաւուածութեան համար անհրաժեշտ գործիքներ մշակելու նպատակով:

7.- Կոչ է անում Եւրոմիութեան անդամ պետութիւնների ազգային խորհրդարաններին համապատասխան ժամանակացոյցով վաւերացնել Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը` առանց անհարկի ուշացման:

8.- Ընդգծում է, որ Արեւելեան գործընկերութեան տինամիքան պէտք չէ դիտարկուի որպէս գործիք, որը կը ստիպի Արեւելեան գործընկերներին ընտրութիւն կատարել եւրոպական ուղու եւ այլ գործընկերութիւնների միջեւ: Նշում է, որ Հայաստանը ԵՄ-ի հետ ստորագրել է հեռանկարային համաձայնագիր` միաժամանակ հանդիսանալով Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ:

9.- Վկայակոչում է, որ տարբերակման սկզբունքի համաձայն, որով ուղղորդւում է Արեւելեան գործընկերութիւնը, իւրաքանչիւր Արեւելեան գործընկերոջ պէտք է հնարաւորութիւն ընձեռուի խորացնելու համագործակցութիւնը ԵՄ-ի հետ` համաձայն իր յաւակնութիւնների, բարեփոխումների թափի եւ որակի:

10.- Ողջունում է Հայաստանի բարեփոխումների օրակարգում տեղի ունեցած կայուն առաջընթացը, այնուամենայնիւ, ընդգծում է վերջին տարիներին սահմանուած առաջնահերթութիւնների ուղղութեամբ հետագայ աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը` աւելի մեծ թափ հաղորդելով բարեփոխումների գործընթացին, փտածութեան դէմ պայքարին, լրատուամիջոցների բազմակարծութեան ու ազատութեան ապահովմանը եւ փոքրամասնութիւնների պաշտպանութիւնը:

11.- Վկայակոչում է, որ ԵՄ-ն 2017-2020 թուականների միասնական աջակցութեան շրջանակներում արդէն նախատեսել է տրամադրել 160 միլիոն եւրոյի ֆինանսական աջակցութիւն (2014-2017 թթ. ժամանակահատուածի համար 118.5 միլիոն եւրօ դրամաշնորհի համեմատութեամբ)` ուղղուած այնպիսի ոլորտներին, ինչպիսիք են` տնտեսական զարգացումը եւ նորարարութիւնը, իրաւունքի գերակայութիւնն ու գործարար միջավայրը, ընտրութիւնների աջակցութիւնը, փոխգործակցութիւնը, ուժանիւթի անվտանգութիւնը, բնապահպանութիւնը եւ կլիմայի փոփոխութիւնը:

12.- Կոչ է անում աւելի սերտ համագործակցութիւն ուժանիւթի անվտանգութեան ու արդիւնաւէտութեան բարելաւման նպատակով` փոխկապակցուածութեան եւ ենթակառուցուածքների ոլորտում ներդրումների եւ ուժանիւթի աղբիւրների տարբերակայնացման միջոցով, մասնաւորապէս, վերականգնուող ուժանիւթի աւելացմամբ եւ հանածոյ վառելիքից կախուածութեան նուազեցմամբ: Ընդգծում է միջուկային անվտանգութեան եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան միջազգային համաձայնագրերի եւ պարտաւորութիւնների լիարժէք յարգանքի ապահովման կարեւորութիւնը:

13.- Հաշուի է առնում , որ ԵՄ օժանդակութիւնը պէտք է արտացոլի ԵՄ-հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի աւելի ու աւելի յաւակնոտ դարձող նպատակները, պայմանաւ, որ Հայաստանը համապատասխանի ներկայացուող պահանջներին, որոնք վերաբերում են Եմ-ի հետ համատեղ համաձայնեցուած բարեփոխումներին տարբերակման եւ աւելին` աւելիի դիմաց սկզբունքին համապատասխան: Քաջալերում է Եւրոպական յանձնաժողովին ընդլայնել յետագայ աջակցութիւնը եւ համատեղել իր պիւտճէական գործիքները` Եւրոպական հարեւանութեան գործիքը եւ Կայուն զարգացման եւրոպական հիմնադրամը` ԵՄ-հայաստան նոր գործընկերութեան յաւակնութիւններին համապատասխանելու նպատակով:

14.- Շեշտում է, որ ԵՄ-ի ֆինանսական աջակցութիւնը խիստ պայմանաւորուած կը լինի որոշակի բարեփոխումներին ուղղուած քայլերով եւ դրանց արդիւնաւէտ իրականացմամբ, մասնաւորապէս, իրաւունքի գերակայութեան պաշտպանութեան, լաւ կառավարման ապահովման, մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցների բազմակարծութեան եւ ազատութեան ոլորտներում: Յիշեցնում է, որ ԵՄ-ի կողմից խրախուսման վրայ հիմնուած մօտեցումը նպատակ է հետապնդում աջակցել իրական, յաւակնոտ բարեփոխումների մէջ առաւել ներգրաւուած Արեւելեան գործընկերներին:

15.- Խրախուսում է Հայաստանի աշխուժ մասնակցութիւնը COSME եւ «Հորիզոն 2020» ծրագրերին, շրջակայ միջավայրի, ուժանիւթի հաղորդակցութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան ոլորտներում Եւրոպական հարեւանութեան գործիքի շրջանակներում ֆինանսաւորուող տարածաշրջանային ծրագրերին, միջսահմանային համագործակցութեան գործողութիւններում եւ Արեւելեան բոլոր գործընկերների համար բաց նախաձեռնութիւններին, ինչպիսիք են` Erasmus +, Erasmus Mundus, eTwinning Plus, TAIEX, SIGMA եւ հարեւանութեան ներդրումային հիմնադրամը:

16 .-Առաջարկում է Եւրոպական յանձնաժողովին թոյլ տալ Հայաստանին աւելի աշխուժ մասնակցութիւն ունենալ ԵՄ-ի կողմից աջակցուող ծրագրերին, որոնք բաց են ԵՄ ոչ անդամ պետութիւնների համար, եւ պայմանների բաւարարման դէպքում եւ համապատասխան իրաւական շրջանակում ճանապարհ հարթել ԵՄ գործակալութիւններում Հայաստանի մասնակցութեան համար:

17.- Ողջունում է մարդկանց միջեւ շփումների ամրապնդմանն ուղղուած ձեռքբերումները, այդ թւում` Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ կրթութեան, երիտասարդութեան, մշակոյթի եւ գիտութեան ոլորտում փոխանակումների միջոցով: Կոչ է անում ուժեղացնել ներգրաւուածութիւնը կրթութեան, հետազօտութիւնների եւ նորարարական համակարգերի արդիականացման, երիտասարդների հմտութիւնների, ձեռներէցութեան եւ աշխատունակութեան բարձրացման ոլորտներում եւ այս կապակցութեամբ ողջունում է ԵՄ-ն «Երիտասարդական նախաձեռնութիւնների համար» ծրագրի շրջանակում ԵՄ-ի կողմից ներկայացուած ուժեղացուած «Երիտասարդական փաթեթը»:

18.- Կոչ է անում Եւրոպական յանձնաժողովին կեդրոնանալ քաղաքացիների համար ակնկալուող արդիւնքների վրայ, ընդգծում է, որ այս առնչութեամբ 2014 թ. յունուարին ուժի մէջ մտած ԵՄ-Հայաստան վիզաների դիւրացման եւ ռէադմիսիայի համաձայնագիրն արդէն իսկ ընթացքի մէջ է: Ակնկալում է համագործակցութեան ամրապնդում եւ հետագայ խորացում շարժունակութեան ոլորտում` անվտանգ եւ լաւ կառավարուող միջավայրում, Հայաստանի հետ մուտքի արտօնագրերի ազատականացման երկխօսութեան մեկնարկի քննարկում` լաւ կառավարման եւ անվտանգ շարժունակութեան պայմանների առկայութեան դէպքում, ներառեալ` վերոնշեալ կողմերի միջեւ վիզաների դիւրացման եւ ռէադմիսիայի համաձայնագրի արդիւնաւէտ իրականացումը:

19.- Դրական է գնահատում տարածքային կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման ոլորտում բարեփոխումների նախաձեռնումը, որն ուղղուած է համայնքային իշխանութիւնների դերի բարձրացմանը եւ որոշումների կայացման գործընթացում տեղական համայնքների հետ աւելի ամուր կապերի ձեւաւորմանը:

20.- Ողջունում է Եւրախորհրդի Վենետիկի յանձնաժողովի եւ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի ընդհանուր առմամբ դրական գնահատականը Հայաստանում ընթացող բարեփոխումների վերաբերեալ, որոնք ուղղուած են իրաւունքի գերակայութեան ապահովմանը, նշում են դատախազութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով ձեռնարկուած միջոցները: Ինչ վերաբերում է Ընտրական օրէնսգրքի բարեփոխումներին, դրականօրէն է նշում, որ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի եւ Եւրախորհրդի Վենետիկի յանձնաժողովի մի շարք նախորդ առաջարկութիւններ ընդունուել են: Ափսոսում է սակայն, որ բազմաթիւ հարցեր, որոնք յայտնաբերուել են վերջիններիս կողմից, դեռեւս սպասում են լուծման: Կոչ է անում Հայաստանի իշխանութիւններին` ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ քայլերը, օրէնսդրական եւ այլ, հարցերին լուծում տալու համար, անհրաժեշտութեան դէպքում ակնկալել միջազգային հանրութեան թեքնիք աջակցութիւնը, օրինակ` Եւրոպական միութեան եւ, մասնաւորապէս, Եւրոպական խորհրդարանի կողմից:

21.- Դրականօրէն է անդրադառնում 2017թ. ապրիլին տեղի ունեցած ընտրութիւններին` նշելով, որ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի գլխաւորած դիտորդական առաքելութիւնը, որի մաս է կազմում Եւրոպական խորհրդարանը, պարզել է, որ հանրային լրատուաալիքը քարոզարշաւի ընթացքում իւրաքանչիւր մասնակիցի համար ապահովել է արդարացի լուսաբանում, որ` ընտրութիւններն ընդհանուր առմամբ լաւ են կազմակերպուել, եւ հիմնարար ազատութիւնները հիմնականում յարգուել են: Այնուամենայնիւ, ընդգծում է, որ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի ղեկավարած առաքելութեան կողմից յայտնաբերուել են նաեւ թերութիւններ, ինչպէս, օրինակ, շարունակական ճնշումները, քուէների գնման գործընթացը եւ ընտրատեղամասերում կուսակցութիւնների ներկայացուցիչների կամ ոստիկանների անօրինական միջամտութիւնը:

22.- Վկայակոչում է ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններում եւ Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակում սեռային (գենդերային) բաղադրիչի կարեւորութիւնը: Նշում է, որ սեռային հաւասարութիւնը, խտրականութեան բացառումը եւ կանանց հնարաւորութիւնների մեծացումը 2020 թ.-ին ակնկալուող արդիւնքների ցանկում են, ինչպէս նշուել է 2017 թ. նոյեմբերի 24-ին կայացած Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովում: Կոչ է անում Հայաստանի իշխանութիւններին` շարունակել ուշադրութեան կեդրոնում պահել այս հարցը, այդ թւում` սեռային բացասական կարծրատիպերի դէմ պայքարի միջոցով, կանանց եւ տղամարդկանց միջեւ վարձատրութեան բացը լրացնելու եւ գենդերային հիմքով ոտնձգութիւնների, ահաբեկման կամ բռնութեան ցանկացած ձեւի հանդէպ զրոյական հանդուրժողականութիւն յայտարարելու միջոցով:

23.- Վկայակոչում է, որ միջազգային իրաւապաշտպան մարմինները, ինչպիսիք են` ՄԱԿ-ի CEDAW կոմիտէն, բազմաթիւ անգամ ընդգծել են սեռային վնասակար նորմերը եւ փորձը  արմատախիլ անելու անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ են արել Հայաստանի իշխանութիւններին` ապահովել, որ աւանդոյթները չխանգարեն կանանց իրաւունքների եւ ներուժի իրացմանը:

24.- Ողջունում է Հայաստանի իշխանութիւնների յանձնառութիւնն` ստորագրել, վաւերացնել եւ հիմնաւորապէս իրականացնել Կանանց նկատմամբ բռնութեան եւ ընտանեկան բռնութեան կանխարգելման եւ դրա դէմ պայքարի մասին Եւրոպայի խորհրդի հռչակագիրը (Պոլսի հռչակագիր), խրախուսում է վերջիններիս այն անել առանց անհարկի ուշացման:

25.- Ողջունում է ընտանիքում բռնութեան կանխարգելման, բռնութեան զոհերի պաշտպանութեան եւ ընտանեկան ներդաշնակութեան վերականգնմանն ուղղուած օրէնքի ընդունումը, որն առաջին անգամ հրապարակային քննարկման է ներկայացուել 2017թ. հոկտեմբերին, եւ առաջընթացի մեծ դրական քայլ է: Ընդգծում է, որ ԵՄ-ն պատրաստ է տրամադրել հնարաւոր աջակցութիւն ու փորձ, որպէսզի օգնի իշխանութիւններին լաւագոյնս լուծել ընտանեկան բռնութեան հետ կապուած բոլոր հարցերը: Ընդգծում է, որ պէտք է հետեւողական լինել արդիւնաւէտ իրականացման համար, եւ զոհերի կարիքները միշտ պէտք է առաջնահերթ լինեն:

26.- Ընդգծում է ՄԱԿ-ի հռչակագիրի եւ բանաձեւերի սահմանած խտրականութեան բոլոր ձեւերը յաղթահարելու եւ դրանք հասցէագրելու համար համապատասխան մեքանիզմներ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը:

27.- Իր գոհունակութիւնն է յայտնում Հայաստանի իշխանութիւններին` հայկական ծագմամբ սիրիացի փախստականներին ընդունելու եւ համարկելու ուղղութեամբ գործադրած ջանքերի համար: Կոչ է անում Եւրոպական յանձնաժողովին եւ ԵՄ անդամ պետութիւններին` դրականօրէն արձագանգել համարկման դիւրացմանն ուղղուած Հայաստանի իշխանութիւնների կողմից աջակցութեան ցանկացած խնդրանքի:

28.- Ափսոսում է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառով շարունակուող մարդկային կորուստների համար: Խորապէս մտահոգուած է հրադադարի մասին ձեռք բերուած համաձայնութեան պարբերական խախտումների կապակցութեամբ, որոնք շարունակաբար խլում են ինչպէս զինծառայողների, այնպէս էլ քաղաքացիական անձանց կեանքեր` խոչընդոտելով ողջ տարածաշրջանի ընկերային-տնտեսական զարգացմանը: Ընդունում է, որ ներկայիս սթաթուս քուոն ո՛չ ընդունելի է եւ ո՛չ էլ կայուն, եւ հակամարտութիւնը չի կարող ունենալ ռազմական լուծում:

29.- Վերահաստատում է իր անվերապահ աջակցութիւնը` ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների ջանքերին եւ 2009 թ. հիմնարար սկզբունքներին, ինչպէս նշուած է Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի նախաբանում. այն է` ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառումը, պետութիւնների տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ժողովուրդների հաւասար իրաւունքներն եւ ինքնորոշման իրաւունքը, եւ իր գոհունակութիւնն է յայտնում հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանն ուղղութեամբ գործադրած ջանքերի համար: Ընդգծում է, որ այդ ջանքերը պէտք է համահունչ լինեն միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ընդհանուր սկզբունքներին, ինչպէս ամրագրուած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ, ԵԱՀԿ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթում եւ համապատասխան այլ բազմակողմ փաստաթղթերում, որոնք ընդգծում են հակամարտութիւնների խաղաղ կարգաւորման համար գոյութիւն ունեցող համաձայնեցուած ձեւաչափերի կարեւորութիւնը: Ընդգծում է, որ սպառազինութիւնների վերահսկման, վստահութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման միջոցառումները մեծ նշանակութիւն ունեն անվտանգութեան, կանխատեսելիութեան եւ կայունութեան համար:

30.- Ողջունում է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահների կողմից համատեղ յայտարարութիւնը 2017 թուականի հոկտեմբերի 16-ին Ժընեւի գագաթաժողովի շրջանակում` կազմակերպուած ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների կողմից: Կոչ է անում երկու երկրների իշխանութիւններին բարեխղճօրէն վարել բարձր մակարդակի բանակցութիւններ եւ յանձնառու լինել վստահութեան ամրապնդման իրական միջոցառումներին եւ վերսկսուած երկխօսութեանը` շփման գծում լարուածութեան նուազեցման, անվտանգութեան իրավիճակը կայունացնելու եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանն ուղղուած հետագայ բանակցութիւնների համար առաւել կառուցողական մթնոլորտ ստեղծելու համար: Վերահաստատում է իր լիակատար հաւատարմութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան` բացառապէս խաղաղ կարգաւորմանը, ինչպէս առաջարկուել է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների կողմից, եւ որին աջակցում են Եւրոպական միութիւնը եւ Եւրոպական խորհրդարանը:

31.- Ողջունում է ԵՄ-ի ջանքերն ու ուժեղացուած դերը հակամարտութեան կարգաւորման եւ վստահութեան ամրապնդման գործում առկայ համաձայնեցուած բանակցային ձեւաչափերի եւ գործընթացների շրջանակներում: Այս կապակցութեամբ ողջունում է իր նոր նախաձեռնութիւնները, որոնք նպատակ ունեն աջակցել ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների վերոյիշեալ ջանքերին` հակամարտութեան գօտում վստահութեան մթնոլորտի եւ խաղաղութեան ամրապնդման գործունէութեանը նպաստելու եւ բոլոր կողմերի քաղաքացիական հասարակութիւնները միմեանց մերձեցնելու նպատակով:

32.- Խորապէս ափսոսում է, որ միջազգային հանրութեան կողմից լիակատար աջակցութիւն ստացած` Թուրքիայի հետ առանց նախապայմանների յարաբերութիւնների կարգաւորման հայկական կողմի նախաձեռնութիւնը, որն արտացոլուած է 2009 թ. Ցիւրիխեան արձանագրութիւններում, թուրքական կողմը չի վաւերացրել եւ դրա համար նախապայմաններ է ներկայացրել` շարունակելով միակողմանիօրէն փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը: Յիշեցնում է, որ մօտենում է «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգելելու եւ պատժելու մասին» հռչակագրի 70-ամեակը եւ կոչ է անում ԵՄ անդամ բոլոր երկրներին` ճանաչել Հայոց ցեղասպանութիւնը: Նշում է, որ վերջին տարիներին այս հարցը Թուրքիայում դարձել է բաց եւ հանրային քննարկումների առարկայ:

Ուխտի Ճանապարհներ Յակոբ Օշականի Շիրիմը

0
0

ՎԱՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Մանկութենէս լսած եմ իր անունը մօրմէս` Վարդանուշ Մալխասեանէն, որ Իրաքի Նահր Օմար գաղթակայանի որբանոցէն իր նման հազար  որբերու հետ, թեմի Քաղաքական ժողովի ու գաղթակայանի որբանոցի վերին խնամատարութեան կարգադրութեամբ եւ Եգիպտոսի Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան նիւթական օժանդակութեամբ, 1922-ի յունուարին, աշակերտութեան ու պաշտօնէութեան հետ «Ջումա» նաւով փոխադրուած էր Երուսաղէմ` Ս. Յակոբեանց վանք, ապա որպէս ընդունակ որբերէն մին` տեղափոխուած էր Նիկոսիա` Կիպրոսի նորաբաց Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն, բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար:

Ինչպէս յայտնի է, Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը հիմնուած էր բարոյական սկզբունքներու եւ ըմբռնումներու վրայ, եւ անիկա մղիչ ուժ եղած է պատրաստելու համար` ուսուցիչ, դաստիարակ, հասարակական գործիչ, առաջնորդ, հռետոր, դերասան, երաժիշտ: Կիպրոսի Մելգոնեանէն մօրս յիշողութեան մէջ քաղցր յուշեր դրոշմուած կը մնային իր ուսուցիչ Յակոբ Օշականի մասին: Ան պատմած է դրուագներ` այդ յուշերէն, երբ դեռ նոյնիսկ պատանի էի: Լաւ կը յիշեմ, որ Օշականը մեզի ծանօթացուցած էր` հետեւեալը պատմելով.

«Յակոբ Օշական, որ հողազուրկ բանուորի զաւակ էր, զամբիւղ շինելով` ձիթապտուղ կը հաւաքէր եւ կը հասցնէր շուկայ, հետեւաբար ստացած էր Քիւֆէճեան մականունը. կորսնցուցած էր հայրը չորս տարեկանին: Մայրը խիզախ ու անվհատ աշխատանքով կը մեծցնէ իր անչափահաս զաւակները: Օշական Ազգային վարժարան յաճախած ատեն, 13 տարեկանին, սկսած էր քերթուածներ գրել: 16 տարեկանին կ՛ուզէ Արմաշի դպրեվանքը ուսանիլ: Նախքան դպրեվանք  ընդունուիլը` տեսուչ Եղիշէ արք. Դուրեան հարցաքննութեան մը կ՛ենթարկէ զինք:  Հարցաքննութեան աւարտին Եղիշէ սրբազան յատկանշական հարցում մը եւս կ՛ուղղէ պատանի Յակոբին.

– Երբ ուսումդ աւարտես, ի՞նչ կ՛ուզես ընել եւ ի՞նչ կ՛ուզես ըլլալ:

-Ես, – կ՛ըսէ Յակոբ,- պիտի գրեմ արեւմտահայ գրականութեան պատմութիւնը:

– Եւ քանի՞ հատոր պիտի ըլլայ քու գրելիք արեւմտահայ գրականութեան այդ պատմութիւնը,- կը հարցնէ դարձեալ Եղիշէ սրբազան Դուրեան:

– Տասը հատոր,- կը պատասխանէ Յակոբ…

Սրբազանը կը ժպտի քաղցրօրէն եւ փաղաքշաբար «յիմար» կը կոչէ զինք, սակայն սիրայօժար կ՛ընդունի Յակոբը` որպէս սան Արմաշի դպրեվանքին մէջ»:

Սրբազան հօր այդ «յիմար» բառը հետագային կը դառնար նաեւ Օշականի մնայուն փաղաքշական բառը: «Ծօ՛, յիմար», կ՛ըսէր ան երեսն ի վեր իր ամենաշատ սիրած կարգ մը աշակերտներուն, որոնց մէջ էր մայրս, երբ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ (1926-1932) հայ գրականութիւն կը դասաւանդէր իրենց:

Մայրս կը պատմէր. «Գրականութեան դասերը վայելք էին մեզի համար: Որպէս ուսուցանող` կ՛անցնէր դասին: Առիթ չէր տար մեզի կարդալու իր գործերը, միշտ ուրիշներուն վաստակն էր, որ կը հրամցնէր մեզի: Կ՛ուզէր, որ մեզի տուած շարադրութեան նիւթերը զարգացնէինք ոչ թէ բառերով, այլ` յուզումով, մեր հոգիէն մասնիկ մը դնելով անոնց մէջ: Աշակերտներուս շարադրութեանց տետրակները կարդալէ ետք, վերադարձնելուն, կ՛ընէր իր նկատողութիւնները` իւրաքանչիւրիս միտքի հասողութիւնը դրուատելով: Եթէ տափակ բան մը ըլլար մեր գրածը, յուսահատութեամբ կ՛ըսէր. «Կրակ չունիք ձեր սիրտին մէջ, կրակը ձեր ոտքերուն մէջ է միայն»:

«Իր բացօթեայ պտոյտներուն ընթացքին միայն հայ գրականութեան մասին կը խօսէր: Կ՛արտասանէր հայ բանաստեղծներու գործերէն, մանաւանդ` Պետրոս Դուրեանէն եւ Վահան Թէքէեանէն: Բլուրէ մը վար իջնելու ատեն կ՛արտասանէր Վարուժանի «Լեռներ, լեռներ հայրենի»-ն: Երբ մենաւոր տնակ մը կը նշմարէր, նախընտրաբար կ՛արտասանէր Մեծարենցի «Հիւղը»:

Մայրս միշտ կը կրկնէր Օշականի մէկ խօսքը. «Վարուժանով կը հպարտանանք, Դուրեանով կը տառապինք, Մեծարենցով կ՛անուշանանք եւ Թէքէեանով ալ կը զգաստանանք»:

Յետպատանեկութեան շրջանիս փորձը կատարած եմ իր գիրքերէն կարդալու, սակայն չեմ յաջողած: «Խոնարհներ» ու «Տօքսան»-ը սիրով կարդացի, սակայն «Երբ պատանի են»-ը հազիւ լրացուցի, իսկ «Մնացորդաց»-ը առաջին հատորի առաջին էջէն ընթերցումս ընդհատեցի: Աւելի ուշ, մօրս պատմածներու տպաւորութեան տակ, թէեւ շարունակած եմ կարելի եղածին չափ հետաքրքրուիլ իր գրականութեամբ, բայց իր գիրքերու ընթերցումը մնացած է ինծի համար անմատչելի:

1979-ի ամառը, գործիս բերումով, կնոջս հետ Սուրիա էինք: Առաջին օրէն իսկ որոշած էի թանկագին առիթը չփախցնել Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ թաղուած մեծ հայու շիրիմը այցի երթալու: Ան` սիրտի սուր տագնապի մը զոհ, իր աչքերը փակած էր 1948 փետրուար 17-ի գիշերը, երթալ թաղուելու համար դանիացի անկրկնելի հայասէր ու բարերարուհի Քարէն Եփփէի շիրիմին ճի՛շդ քովը, անապատին շատ մօտ, հո՛ն, ուր կը հանգչին այսօր անտէր ու անթաղ ոսկորները միլիոն մը մեր զոհերուն:

Ոգեւորիչ ու անմոռանալի օր մը եղաւ ինծի եւ կողակիցիս համար, երբ մօտեցանք իր շիրիմին երկիւղածութեամբ, մոմ վառեցինք ու խունկ ծխեցիք, աղօթեցինք:

Մեծանուն գրողի շիրիմին տրուած այս այցը իր թողած խորունկ տպաւորութեամբ անջնջելի մնաց մեր միտքին մէջ ու կը մնայ դեռ տարինե՜ր շարունակ…

Խաղա՛ղ հանգչէ, Օշական գիւղի մեծ Սուրբի արժանաւոր ժառանգորդ, մե՛ծ ուսուցիչ: Անթառամ է յիշատակդ, վասնզի եկող ու գացող սերունդները պակաս պիտի չընեն ձէթը կանթեղին ու խունկը` խնկամանին մէջ գերեզմանիդ:

 

 

Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Տուգանքի Ենթարկած Է Թէ՛ Հայաստանը, Թէ՛ Ազրպէյճանը

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Յարութ Սասունեան

12 դեկտեմբեր 2017-ին Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) հրապարակեց վճիռներ` համանման երկու դատական հայցերու վերաբերեալ, մէկը ընդդէմ Հայաստանի, միւսը` Ազրպէյճանի: Զարմանալի չէ, որ ազրպէյճանական մամուլը, խեղաթիւրելով իրողութիւնը, յայտարարեց միայն Հայաստանի դէմ կայացուած վճիռին մասին` իր ընթերցողներէն թաքցնելով այն փաստը, որ նման վճիռ մըն ալ արձակուած է Ազրպէյճանի դէմ:

Նախկին Խորհրդային Ազրպէյճանի Շահումեանի շրջանի (հիւսիսային Արցախ) Գիւլիստան գիւղէն գաղթական Մինաս Սարգսեան 11 օգոստոս 2006-ին Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայց ներկայացուց` ընդդէմ Ազրպէյճանի: 1992-ին Սարգսեան եւ իր ընտանիքը, արցախեան հակամարտութեան ժամանակ, ստիպուած էին փախչիլ` լքելով իրենց տունն ու այգին: 2009-ին Մինաս Սարգսեան մահացաւ Երեւանի մէջ: Անոր այրին, որդին եւ երկու դուստրերը շարունակեցին դատական գործը: Իսկ 2014-ին, իրենց մօր մահէն ետք, որդին եւ դուստրերէն մէկը հետեւեցան դատավարութեան: Սարգսեաններուն ընտանիքը փոխհատուցում պահանջեց իր սեփականութեան կորուստին համար:

11 մարտ 2010-ին ՄԻԵԴ-ը գործը յանձնեց Մեծ պալատին, որ մերժելով Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ զանազան առարկութիւններ` 16 յունիս 2015-ին որոշեց, որ Սարգսեաններուն ընտանիքը իրաւունք ունի փոխհատուցում ստանալու իրենց գոյքի կորուստին համար: Սակայն մինչեւ 12 դեկտեմբեր 2017 գումարի մասին ոչինչ որոշուած էր, երբ Մեծ պալատը վճռեց, որ Ազրպէյճան պէտք է Սարգսեաններուն վճարէ 5000 եւրօ փոխհատուցում` Գիւլիստանի անոնց գոյքին դիմաց եւ 30 հազար եւրօ` դատական ծախսերու համար:

Դատարանը ընդգծեց, որ Մեծ պալատը 2015-ի իր որոշման մէջ երկու հակամարտող հանրապետութիւններէն` Հայաստանէն եւ Ազրպէյճանէն խնդրած էր ներկայացնել իրենց դիտարկումները եւ տեղեկացնել դատարանը, թէ արդեօք ձեռք բերա՞ծ են  համաձայնութիւն արցախեան հակամարտութեան գծով: Երկու հանրապետութիւնները, քաղաքական լուծման չհասնելով, յայտարարուեցան պատասխանատու` գաղթականներու սեփականութեան կորուստներու համար: Դատարանը յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան 2002-ին Եւրոպական Խորհուրդին անդամակցելէ առաջ պարտաւորուած էին հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման: Քանի որ անոնք պատերազմի լուծում մը չէին գտած, դատարանը պարտաւոր էր դրամական փոխհատուցման չափ որոշել գաղթականներու գոյքային կորուստներուն համար:

ՄԻԵԴ-ի Մեծ պալատը կազմուած էր 17 դատաւորներէ` եւրոպական տարբեր երկիրներէ, որոնց շարքին` Հայաստանէն (Արմէն Յարութիւնեան) եւ Ազրպէյճանէն (Լաթիֆ Հուսէյնով): Հետաքրքրական է, որ ազրպէյճանցի դատաւորը ծանօթագրութիւն մը աւելցուց որոշումի կայացումէն ետք` նշելով, որ թէեւ ինք համաձայն չէր կազմին միանալէ առաջ Մեծ պալատին կողմէ տրուած որոշումին, սակայն ինք այլընտրանք չունէր` փոխհատուցում յատկացնելու մասին որոշումը պաշտպանելէն բացի: Հասկնալի է, որ ազրպէյճանցի դատաւորը կը փորձէր ինքզինք պաշտպանել Ազրպէյճանի այն մեղադրանքներէն, ըստ որոնց, ինք համաձայն եղած էր հայ ընտանիքին փոխհատուցում վճարելու որոշումին:

Զուգահեռաբար, Ազրպէյճանի քաղաքացի վեց քիւրտեր 2005-ի ապրիլ 6-ին միացեալ բողոք ներկայացուցին ՄԻԵԴ-ին` «Չիրակով եւ ուրիշներ` ընդդէմ Հայաստանի» գործով: Անոնք բողոքեցին, որ հայկական ուժերու կողմէ Լաչինի միջանցքի գրաւման ընթացքին իրենք ստիպուած եղած էին փախչիլ իրենց տուներէն, որոնք, 1992-ին, արցախեան պատերազմի օրերուն, կը գտնուէին Խորհրդային Ազրպէյճանի մէջ:

ՄԻԵԴ-ի Մեծ պալատը 2015-ի յունիս 16-ին, ինչպէս` «Սարգսեան ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործի պարագային, որոշեց, որ Հայաստան պատասխանատու էր Ազրպէյճանի վեց քաղաքացիներուն կրած կորուստներուն համար: Անոնք միլիոնաւոր եւրոներու փոխհատուցում պահանջած էին: Սակայն Մեծ պալատը 2017-ի դեկտեմբեր 12-ին որոշում կայացուց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Ազրպէյճանի վեց քաղաքացիներէն իւրաքանչիւրին պէտք է վճարէ 5 հազար եւրօ եւ ընդհանուր 28 հազար 642 փաունտ սթերլին` դատական ծախսերու համար: Այս անգամ եւս հայ եւ ազրպէյճանցի դատաւորները ՄԻԵԴ-ի Մեծ պալատը ձեւաւորող 17 դատաւորներու շարքին էին: Անոնք երկուքն ալ կողմ քուէարկեցին որոշումին:

ՄԻԵԴ-ի համար իրական խնդիրը այն է, թէ ի՛նչ պէտք է ընել հարիւր հազարաւոր հայ եւ ազրպէյճանցի փախստականներու հետ, որոնք փախած են իրենց տուներէն` արցախեան պատրերազմի ատեն: Արդեօք իւրաքանչիւր գաղթակա՞ն պէտք է ստանայ 5 հազար եւրօ` որպէս փոխ հատուցում եւ 30 հազար եւրօ ալ` դատական ծախսերու համար: Մեծ պալատը իր որոշման մէջ նշած է, որ` «պատերազմի ընթացքին տեղահանուած մարդոց կողմէ աւելի քան հազար անհատական դիմումներ ներկայացուած են դատարան, կէսէն քիչ մը աւելին ուղղուած է Հայաստանի դէմ, մնացածը` Ազրպէյճանի: Այս դիմողները կը կազմեն մէկ չնչին մասը այն մէկ միլիոնէ աւելի մարդոց, որոնք պատերազմի ընթացքին ստիպուած էին փախչիլ իրենց տուներէն եւ այդ ժամանակէն ի վեր չեն կրցած վերատիրանալ իրենց ունեցուածքին եւ տուներուն, կամ ստանալ որեւէ փոխհատուցում` իրենց կորուստներուն համար»:

Միակ լուծումը այն է, որ երբ օր մը Արցախեան հակամարտութիւնը լուծուի, կարգաւորումը պիտի ներառէ նաեւ մեծ թիւով հայ եւ ազրպէյճանցի գաղթականներու հիմնարար հարցի լուծումը…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Որքա՜ն Զգալի Է Մեր Մեծ Ընկերոջ Բացակայութիւնը` 19 Տարիներ Ետք…

0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Հրայր Մարուխեան

Երբ պէտք ունինք ճառագայթող մտքի,
Երբ կարիքը ունինք կազմակերպական հանճարի,
Երբ կը փնտռենք գաղափարական բիւրեղացում,
Երբ կ՛որոնենք մեր յեղափոխական աւանդներուն վերադարձնող բազուկը,
Երբ կը փորձենք ելքեր գտնել դէպի կառուցային ու մտային արդիականացում,
Երբ կը սպասենք բարի, ազնիւ եւ առաքինի ընկերոջ գալստեան,
Երբ կ՛ուզենք մեծին մէջ տեսնել խոնարհ առաջնորդը…
Այն ատեն կը զգանք բացակայութիւնը մեր մեծ ընկերոջ` Հրայր Մարուխեանին:

Տարածուող մակերեսայնութիւնը, հիւծեցնող միջակութիւնը եւ ջլատող փառամոլութիւնը կրնան պահ մը մոլորեցնել մեզ, սակայն անոնք չեն կրնար սքողել մեծերուն մեծութիւնը, անոնց օրինակին վարակող հարկադրանքը:

Այդ պահուն կը զգանք ներկայութիւնը մեր մեծ ընկերոջ` Հրայր Մարուխեանի գաղափարական կտակին ու կազմակերպական ժառանգին:

Ինչպէս այլ մեծ ընկեր մը` Հրաչ Տասնապետեան, օրին ըսած է. «Ցաւն ու ցաւակցութիւնները բոլորիս համար են, Հրա՛յր, ՀՅ Դաշնակցութեան բոլոր մարմիններուն ու բոլոր ընկերներուն, որոնք օր մը, տեղ մը, պիտի զգան պակասը քու խրախուսիչ, հրահրող, երբեմն ալ սաստող ներկայութեանդ»:

Կը զգանք բացակայութիւնը մեր մեծ ընկերոջ: Կը փնտռենք ընկ. Հրայրին խրախուսիչ յորդորները, հրահրող ցուցմունքները, եւ մանաւա՛նդ սաստող ներկայութիւնը:

Ամէնէն դժուարին պահերուն իսկ, երբ իրեն հարցնէինք մտահոգութեամբ, ընկ. Հրայր կը պատասխանէր` «Միշտ պինդ»: Այժմ հերթը չէ՞ եկած մեզի պատասխանելու` «Միշտ պինդ, ընկ. Հրայր»:

 

 

Անդրադարձ. Շառաչուն Երկրորդ Ապտակը

0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի` Երուսաղէմի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի որոշումը դատապարտող բանաձեւը որդեգրած 128 երկիրները շառաչուն ապտակ մը հասցուցին Թրամփին` մերժելով ամերիկեան օժանդակութիւնները դադրեցնելու անոր սպառնալիքը, զոր քուէարկութեան նախօրեակին վերահաստատած էր` նշելով. «Թող մեզի դէմ քուէարկեն, եւ մենք մեծ գումարներ պիտի խնայենք, մեր հոգը չէ»: ՄԱԿ-ի մէջ անոր երկրին մնայուն ներկայացուցիչը` Նիքի Հէյլի քուէարկութենէն ետք նշեց. «Այս քուէարկութիւնը պիտի ազդէ ՄԱԿ-ի նկատմամբ ամերիկացիներուն վերաբերմունքին եւ ՄԱԿ-ի մէջ մեր որոշումները չյարգող երկիրներուն նկատմամբ մեր վերաբերմունքին վրայ»:

Որոշումին թեր քուէարկողները եկան Միացեալ Նահանգներու նախագահին յիշեցնելու, որ աշխարհը ծախու չէ, եւ ամբարտաւանութիւնն ու մեծամտութիւնն ալ չափ ու սահման ունի: Փոխան գերտէրութեան մը ղեկավարի` գործարարի մը մտայնութեամբ գործող Թրամփը պէտք է գիտակցի, թէ ինք չի ղեկավարեր առեւտրական ընկերութիւն մը, եւ օտար պետութիւնները այդ ընկերութեան պաշտօնեաները չեն: Թրամփ չի գիտակցիր, թէ ինք երկրի մը ղեկավարն է եւ պարտի գործել միջազգային յարաբերութիւններու ըստ երեւոյթին իրեն անծանօթ կանոններուն եւ ոչ թէ իրեն հոգեհարազատ առեւտրական աշխարհին համաձայն:

Երկուշաբթի օր Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամներէն 14-ին թեր քուէներուն դիմաց ստիպուեցան վեթօ կիրարկել: Եւ ահա քանի մը օր ետք, աշխարհի միակ գերտէրութիւնը այս անգամ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին մէջ ստացաւ երկրորդ շառաչուն ապտակը, երբ արձանագրուեցաւ 128 թեր, 9 դէմ եւ 35 ձեռնպահ քուէարկութեան խօսուն պատկեր մը: Նշանակալից երեւոյթով մը, արաբական աշխարհին կողքին գրեթէ բոլոր եւրոպական երկիրները, ներառեալ Ուաշինկթընի սերտ դաշնակիցներ Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Գերմանիան, մերժեցին Թրամփի որոշումը:

Թրամփի նման նախագահ ունեցող երկիր մը կարիքը չունի թշնամիներու, որովհետեւ իր վարած քաղաքականութեամբ վանեց Միացեալ Նահանգներու բոլոր համակիրներն ու դաշնակիցները եւ ամրապնդեց անոնց մրցակիցներուն դիրքերը:

 

 

 

Սուրբ Ծնունդի Պատգամ. Քրիստոսի Ծնունդով` Աստուծոյ Շնորհքը Յայտնուեցաւ

0
0

Քրիստոսի գալուստը յաշխարհ իր ծնունդով` գերազանց ուրախութեան յատկանիշն է ամէն բանէ առաջ, ամէն բանէ վեր:

Այս ուրախութիւնը սակայն բաղդատելի չէ մարդկային այլ ուրախութիւններուն հետ, որովհետեւ անցողակի դէպքի մը, հաճոյալի զգացողութեան մը առթած յուզումը չէ, որ պահ մը կ՛առինքնէ մեզ ու կ՛անհետանայ. պտուղն է անկրկնելի եղելութեան մը, որ Աստուծոյ ծրագիրին մէջ էր ի յաւիտենից. անկեալ, մեղապարտ մարդկութեան դատավճիռին բեկումն է, կորսուած շնորհքին վերստացումը եւ վերադարձը սկզբնական անմեղութեան, որ բերկրութեան դռները կը բանայ մարդուն առջեւ:

Այո՛, Քրիստոս, իր աստուածային բնութիւնը անեղծ պահելով  հանդերձ, իր Հօր կամքով, բայց լիայօժար հաւանութեամբ, որոշեց մարդկային բնութիւնն ալ զգենուլ, եւ առանց մեղքէն արատաւորուելու` աշխարհի մեղքերը իր վրան առաւ, մարդկային բոլոր տկարութիւններուն ենթարկուեցաւ ու ցաւերը ճաշակեց: Այդ բոլորը միակ միջոցն էր` ջնջելու ահաւոր բիծը, որ այլապէս` յաւիտեանս դրոշմուած պիտի մնար դատապարտուած արարածին ճակտին վրայ:

Աստուած կրնար անտարբեր մնալ ըմբոստ մարդուն հանդէպ եւ թողուլ, որ ան կրէ ու քաւէ իր մեղքը` արժանաւոր պատիժով: Բայց Աստուած ի բնութենէ սէր է, ան սիրոյ արարքով մը ստեղծեց մարդը, «իր պատկերի՛ն համեմատ ստեղծեց զայն», կ՛ըսէ սուրբգրային պատմիչը: Իսկ սէրը, իր կարգին` անբաժանելի է գութէն, ողորմութենէն: Ինչպէս կ՛ըսէ Պօղոս առաքեալը` «Սէրը ներող է, սէրը ոխակալ չէ, սէրը կ՛արդարացնէ ամէն բան»: Եթէ մարդուն վայել է այդ սէրը` որքա՛ն աւելի` Աստուծո՛յ:

Կրնանք աւելցնել առաքեալին խօսքերուն վրայ, թէ սէրը շնո՛րհք է: Ո՛չ ոք արժանի է սիրոյ, որովհետեւ սէրը պարգե՛ւ է, որ ձրիօրէն կը տրուի սիրուած անձին: Եթէ այդպէս չըլլար` մենք երբե՛ք պիտի չստանայինք սէրը` գերագոյն շնորհքը: Սէրը մինչեւ ծայրայեղութեան կրնայ տանիլ: Եւ իրօք, «Աստուած այնքա՛ն սիրեց աշխարհը, այսինքն մարդկութիւնը, որ մինչեւ իսկ իր Միածինը տուաւ աշխարհին, որպէսզի ան չկորսուի, այլ ստանայ յաւիտենական կեանքը» (Յովհ. 3, 16):

Սէր եւ Շնորհք: Անբաժանելի յատկանիշները Աստուծոյ: Մին առանց միւսին` չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Այն աստիճան, որ Աստուծոյ անսահման սէրը ստիպեց զինք, որ իր Միածինը զոհէ ի սէր մարդկութեան: Եւ Ամենասուրբ Երրորդութեան երկրորդ Անձը մարմին առաւ` տկար, դիւրաբեկ, անմեղ մանկան մը կերպարանքով, որպէսզի մատչելի դառնայ մարդուն: Ո՛րքան տարբեր` Հին կտակարանի Աստուծմէն, որ հրակէզ մորենիի մէջ կը յայտնուէր` ահ ու դող պատճառելով իր արարածին: Ո՞վ կրնար համարձակիլ մերձենալ անոր: Եւ ոչ իսկ նայուա՛ծքը կարելի էր ուղղել անոր:

Աշխարհի Փրկիչը չուզեց աշխարհին յայտնուիլ որոտումի ու փայլակներու մէջ, ինչպէս սովոր էր ընել իսրայէլացիներուն հետ: Աւետաբեր հրեշտակ մը ղրկեց` անծանօթ, համեստ աղջկայ մը, զոր ոչ ոք կը ճանչնար: Հրեշտակին առաջին խօսքը եղաւ. «Մի՛ վախնար, Մարիամ, դուն Աստուծոյ առջեւ շնո՛րհք գտար: Որդի՛ մը պիտի յղանաս, եւ զայն Յիսո՛ւս պիտի կոչես. ան իր ժողովուրդը պիտի փրկէ իր մեղքերէն»: Եւ այս պատահեցաւ, կը մեկնէ աւետարանիչը, որպէսզի իրականանայ մարգարէութիւնը. «Տէրը ըսաւ` Որդի մը պիտի ծնի կոյսէ մը, որուն անունը պիտի դրուի Էմմանուէլ, այսինքն` Աստուած մեզի՛ հետ»:

Աստուած ո՛չ միայն մեզի հե՛տ եղաւ, այլ մեզմէ մի՛ն դարձաւ: Մեր մարդկային բոլո՛ր յատկանիշները առաւ, ներառեալ տկարութիւնն ու նուաստացումը, նախատինքն ու հալածանքը, սկսեալ ծնունդէն ախոռի մը մէջ` մինչեւ մահ, եւ ամէնէ՛ն ստորնացուցիչը մահերուն, խա՛չը, որուն վրայ կը գամուէին ոճրագործները:

Եւ այդ բոլորը` մեզ փրկելու համար մեղքէն  ու մահէն:

Ծնունդի աւետիսը, որ հնչեց Բեթղեհէմի մսուրին վրայ եւ ծաւալեցաւ ամբողջ տիեզերքի մէջ` արձագանգելով մեր տաճարներուն ու բնակարաններուն, պալատներուն ու խրճիթներուն մէջ, պիտի շարունակէ հնչել բոլո՛ր վայրերուն մէջ, ուր կայ մեղքով բեռնաւորուած մարդը:

Սակայն ո՞ւր է այդ խաղաղութիւնը, որ խոստացուեցաւ մսուրին վրայ, որուն կը տենչայ մարդկութիւնը, առանց վհատելու, քանի որ Աստուած ի՛նքը խոստացաւ զայն:

Խաղաղութիւնը, ինչպէս սէրը, շնո՛րհք է: Անոր նման` պարգեւ է, որ կ՛ընդունուի կամ կը մերժուի մարդոցմէ, ազատօրէն: Սակայն բոլոր մարդիկը չե՛ն բաղձար, չե՛ն հետապնդեր խաղաղութիւնը, երբ ան հակասէ իրենց շահերուն կամ ծրագիրներուն: Եւ այդպէս կը ծագին խռովութիւնները, անվերջ պատերազմներն ու անոնց հետեւող աղէտները: Այս տխուր պատկերը ցայտուն կերպով կը պարզուի մեր առջեւ` այսօր, Միջին Արեւելքի մէջ, աշխարհի այն մասին մէջ, ուր Հին թէ Նոր ուխտերը մարմին առած են, ուր հնչած է պատգամը սիրոյ եւ խոստումը մարդկային փրկութեան:

Քրիստոսի Ս. Ծնունդը սրտառուչ, տեւական հրաւէր է զգաստութեան, խոնարհութեան, խաղաղասիրութեան: Պատրա՛նք է տօնախմբութիւն սարքել, հրճուանք ու բերկրանք կազմակերպել, եթէ իւրաքանչիւր մարդ, մանաւանդ ան, որ Քրիստոսի հետեւորդ կ՛ուզէ հռչակել ինքզինք, չգործէ, իր համեստ միջոցներով ու պայմաններով, հասկացողութիւն, համերաշխութիւն, համագործակցութիւն ստեղծելու մարդոց միջեւ, ընտանիքին եւ ընկերութեան մէջ: Ասոնք են հիմնական միջոցները` իրականութեան վերածելու մսուրին վերեւ հնչող պատգամը, «Փա՛ռք Աստուծոյ բարձունքներուն մէջ` եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ` բարի կամեցողութեամբ լի մարդոց մէջ»:

Մեր միտքը կ՛երթայ այս պահուս աշխարհի չորս ծագերուն, ուր ողբալի կացութեան մատնուած են բազմաթիւ անձեր, հասարակութիւններ ու ժողովուրդներ, որոնք անձնասէր ղեկավարներու քմայքին կամ խղճէ զուրկ  ոճրագործներու հալածանքին ենթարկուած են ու կ՛ապրին անստոյգ ապագայ մը դիմակալելով եւ սպասելով, որ մարդկային խիղճը արթննայ օր մը եւ բարեխնամ ձեռք մը երկարէ իրենց:

Թող այս Ս. Ծնունդը արծարծէ մեր բոլորին սրտերուն մէջ` հաւատքը հանդէպ Աստուծոյ զօրութեան ու բարութեան, յոյսը` հանդէպ անոր գութին ու ողորմութեան, սէրը` փոխարէն անոր անսահման սիրոյն, եւ պարգեւէ բաղձալի խաղաղութիւնը մեր Լիբանանի, Մայր Հայրենիքի եւ Արցախի սիրելի եղբայրակից ժողովուրդներուն:

Թող միշտ բարեխօս ըլլայ մեզի համար Աստուածամայրը, որ միշտ կը բաժնէ մեր յոյսերն ու իղձերը, որուն այնքան վստահութեամբ կը դիմէին մեր հայերը` երգելով.

Մա՛յր սուրբ սքանչելի լուսոյն,
որ ցնծութիւն աշխարհի ծնար զբանն Աստուած,
աղաչեա՛ վասն մեր զառ ի Քէն զՄարմնացեալն զի լռեսցեն պատերազմունք,
դադարեսցին յարձակմունք թշնամեաց,
տնկեսցի սէր եւ արդարութիւն ի յերկրի.
աղաչե՛մք, Մա՛յր սուրբ, բարեխօսեա՛:

Քրիստոսի Ս. Ծնունդը թող նոր լոյս ու շնորհք պարգեւէ մեր ազգին բոլոր զաւակներուն ու խաղաղութիւն հաստատէ համայն աշխարհի վրայ:

ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց

 


Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Բ.) «Ազդակ»-ի Աշխարհագրութիւնը

0
0

«Ազդակ»-ի կայքի այցելուներու թիւին եւ այցելուներու վայրին մասին կատարուած ուսումնասիրութիւնները կը խօսին հասանելի ընթերցանութեան մը ընդլայնուած աշխարհագրութեան մասին: Ամերիկեան ցամաքամասէն մինչեւ Աւստրալիա, Եւրոպա, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ, միջինարեւելեան երկիրներէն մինչեւ նոյնիսկ Չինաստան` «Ազդակ»-ի կայքը օրական կշռոյթով տասնեակ հազարաւոր ընթերցողներ ունի:

Ընթերցողներու աշխարհագրութեան վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ աշխատակցողներու աշխարհագրութիւնը: Ո՛չ միայն «Ազդակ»-ի բացառիկ համարները, այլ նաեւ օրաթերթի աշխատակիցներու ցուցակը կարեւոր մասամբ Սուրիայէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն, Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Քուէյթէն կանոնաւոր հերթականութեամբ յատուկ «Ազդակ»-ին համար գրող յօդուածագիրներ ունի:

Այս աշխարհագրութեան ընդլայնումը որոշ բաժինով աղերս ունի այսօրուան տեղեկատուական ընդհանուր համակարգին հետ, երբ հեռաւորութիւններու նշանակութիւնը նուազագոյնի իջած է, երբ տարածականութեան սահմանները ջնջուած են բոլոր իմաստներով:

Հետեւողները նկատած պիտի ըլլան նաեւ, որ թէ՛ մեր կայքի տեսակէտներ բաժինին մէջ եւ թէ՛ «Ազդակ»-ի դիմատետրային տարածքներուն վրայ առաւելաբար արտալիբանանեան մեր ընթերցողներն են, որոնք կը հակազդեն, կը բաժնեն կամ կը քննադատեն տուեալ գրութիւնը: Ասիկա անպայման չի նշանակեր, որ Լիբանանէն դուրս գտնուող մեր ընթերցող հասարակութիւնը աւելի ներգործօն դերի մէջ է «Ազդակ»-ի հետ իր կապերը կենդանի պահելու առումով, այլ պարզապէս ընդհանուր ընթերցողներու թիւի համեմատութեան հետ կապ ունի երեւոյթը: Եւ գաղտնիք չէ, որ «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն նկատառելի քանակը Լիբանանէն դուրս կ՛ապրի:

Անտեղի պիտի չըլլար այստեղ «Ազդակ»-ի հասանելիութիւնը ընդհանրապէս նուազող տպաքանակներու իրողութեամբ չափելու թիւր տպաւորութիւնը շրջելը. ճիշդ է, որ տպաքանակները կայուն պահելու դժուար գոյակռիւ կը մղեն «Ազդակ»-ի պատասխանատուները, այսուհանդերձ հասանելիութիւնը ամիսէ ամիս նոր նշաձողեր կ՛ապահովէ ելեկտրոնային տարածքներու վրայ, բոլոր ժամանակներէն աւելի թերթի բովանդակութեան հասանելիութեան նոր մրցանիշեր ամրագրելով: Այս միտումին կ՛օգնեն թէ՛ կայքը, թէ՛ դիմատետրային էջերը, թէ՛ «Թուիթըր»-ը եւ թէ՛ հետզհետէ Էփի ներբեռնում կատարողներու կտրուկ աճ գրանցողները:

Այս բոլորին մէջ կարեւոր է նշել, որ «Ազդակ»-ի ընթերցող լսարանին բազմապատկուող թիւերով աւելցած է հայաստանեան միջավայրը. անկախ համապատասխան գերատեսչութիւններու օրական մշտադիտարկման ընթերցանութիւններէն, «Ազդակ»-ի հետեւողական ընթերցողներ են միջինարեւելեան երկիրներէ հայրենադարձ եղած, ինչու չէ նաեւ ընդհանրապէս Հայաստան ապրող մեր հայրենակիցները:

Տեղեկատուական ոլորտի յարաբերութիւններու սերտացումը Արցախի մեր գործընկերներուն հետ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ Արցախի լրագրողական շրջանակի միացումին` «Ազդակ»-ի ընթերցող զանգուածին:

Այսպիսով, իր 90-ամեակին, «Ազդակ» թէ՛ աշխատակիցներու եւ թէ՛ մանաւանդ ընթերցողներու ուղղութիւններով  արձանագրեց նկատառելի ընդլայնուածութիւն իր նուաճած աշխարհագրութեամբ:

«Կ՛ուզեմ Հայրս Տեսնել»

0
0

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Տարլին ինը տարեկան աղջիկ մըն է: Կ՛ապրի Էլ Սալվատորի փոքր քաղաքներէն մէկուն` Սան Վինսենթէի մէջ, ուր կը մասնակցէի միջեկեղեցական համագումարի մը եւ կը խօսէի Աստուածաշունչի ընկալումի տարբեր բնութագրումներուն մասին` անգլերէն լեզուով: Չնշմարեցի, որ խումբին մէջ կայ նաեւ Տարլին, որ մեծ հօրը հետ եկած էր համագումարին:

Կէսօրուան ճաշի դադարին մօտեցաւ ինծի եւ անգլերէնով ըսաւ. «Կ՛ուզեմ հետդ անգլերէն խօսիլ, քանի որ դպրոցը կը սորվիմ, եւ լաւ կ՛ըլլայ, որ վարժութիւն ընեմ»:

Սիրեցի համարձակութիւնը եւ սկսայ հետը զրուցել` հարցնելով իր եւ իր յաճախած դպրոցին մասին: Ուզեցի գիտնալ, թէ ի՛նչ են իր հետաքրքրութիւնները դպրոցը աւարտելէ ետք: «Ի՞նչ կ՛ուզես ընել դպրոցը աւարտելէդ ետք»:

«Կ՛ուզեմ հայրս տեսնել», եղաւ իր արագ եւ կտրուկ պատասխանը:

Տարլին` խարտեաշ մազերով եւ անուշիկ ժպիտով, իր հաստատ համոզմունքը տուաւ ինծի: Քիչ մը շուարած էի եւ չէի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս առնչել իր պատասխանը իմ հարցումիս: Տարլին չսպասեց, որ ես զարմանքս փարատեմ: «Հայրս երեք տարիէ ի վեր Ամերիկա է, եւ զինք չեմ տեսած: Շատ հաւանաբար պիտի չվերադառնայ», ըսաւ ան ու աչքերէն սկսան հոսիլ մանկական անմեղ արցունքներ, որոնց մէջ կար հօրը կարօտը, բայց նաեւ` ընտանիք ունենալու ապահովութիւնը:

Տարլինի մայրը կ՛աշխատի տեղական վարժարանի մը մէջ` իբրեւ վերակացու: «Գիշերները կը վերադառնայ շատ յոգնած եւ ուժ չ՛ունենար ինծի հետ ժամանակ անցընելու», ըսաւ աղջնակը: Արցունքները քիչ մը աւելի հոսեցան, բայց արդէն ես զինք գրկած էի, եւ ան կամաց-կամաց ապահովութիւն կը ստանար:

Տարլինի հայրը երեք տարի առաջ մեկնած էր Թեքսաս` Միացեալ Նահագներ, գործի աւելի լաւ պայմաններ ձեռք ձգելու եւ հոգալու համար իր ընտանիքին ապրուստը: Այս ալ Էլ Սալվատորի ընկերային կեանքի, տնտեսական դժուար իրականութիւններէն մէկն է: Բայց կար նաեւ այլ երեւոյթ մը: Ան սպառնալիքներ ստացած էր տեղական «աւազակախումբերու» կողմէ, որոնք սպառնացած են իր կեանքին, եթէ ան իրենց մեծ գումարներ չտայ: Տարլինի հայրը, ճարահատ, փախուստ տուած էր Ամերիկա: Մէկ կողմէ իր ընտանիքի նիւթական ապահովութեան համար, բայց նաեւ` իր կեանքին… Այս Էլ Սալվատորի իրական կեանքին տխուր երեւոյթներէն մէկն է…

Էլ Սալվատոր շատ գեղեցիկ երկիր մըն է` շրջապատուած լեռներով, որոնք հրաբխային են: Խիտ անտառներով ծածկուած է այս երկիրը. կը սկսիս մտածել, թէ արդեօ՞ք աշխարհի բոլոր ծառերը հոս մէկտեղուած են: Կարելի չէ չհմայուիլ երկրին գեղեցկութեամբ եւ անգամ մը եւս չհամոզուիլ, որ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը իսկապէս «բարի» է եղած իր գեղեցկութեամբ:

Բայց այդ «բարիին» դիմաց զօրաւոր կերպով կեցած է «չարը»…

«Հրա՛յր, պիտի խնդրէի, որ մինակդ դուրսը չշրջագայիս»: Փաւլոն է զիս խրատողը, մեր Էլ Սալվատորի գրասենեակի երիտասարդ գործակիցս:  «Մեր երկրին մէջ կը գործեն աւազակախումբեր, զորս մենք կը կոչենք Մարա, որոնք պետութեան մէջ պետութիւն հիմնած են եւ մեծ վտանգ կը սպառնան ժողովուրդին», ըսաւ ան:

Էլ Սալվատոր 1980-1992 տարիներուն անցած է քաղաքացիական պատերազմի դառն փորձութիւններու մէջէն, որուն ընթացքին արձանագրուած են բազմաթիւ մարդկային կորուստներ: Պատերազմէն ետք պետութիւնը, ըստ պատշաճի, չէ հոգացած ժողովուրդին` ընկերային-հոգեբանական դառն փորձառութիւններուն բուժում ապահովելու ծրագիրներ մշակելով: Եւ այսօր այդ վիճակները բարդացած են եւ վերածուած` «կողոպուտի, վայրագութեան եւ մահուան» իրականութիւններու, որոնք կը գործադրուին կազմակերպուած աւազակախումբերու` «մարա»-ներու կողմէ, որոնք ահ ու սարսափ կը սփռեն ժողովուրդի մէջ:

«Ամէն ամիս երեսուն հազար մարդ կը ձգէ երկիրը տարբեր ձեւերով,- Փաւլոն է խօսողը: – Մարդիկ կ՛ուզեն աւելի լաւ կեանք ու ապագայ եւ հնարաւոր ամէն ձեւ կը գտնեն` դուրս ելլելու երկրէն»: Ու տակաւին, փոքրերու եւ պատանիներու մաքսանենգութիւնը նոյնքան տարածուած է, որովհետեւ անոնք կը գործածուին մարաներուն կողմէ` սպանութիւններ եւ ոճիրներ իրականացնելու նպատակով:

Էռնեսթոն քսանհինգ տարեկան երիտասարդ մըն է, որ կ՛աշխատի այն պանդոկին մէջ, ուր իջեւանեցի: Ան առեւտրական գիտութեանց ուսանող է տեղական համալսարանին մէջ եւ պանդոկին մէջ այս իր ըրած գործը քիչ մը նիւթական ապահովել է իր ապրուստին եւ ուսման ծախսերուն համար: «Մեր երկրին գլխաւոր մտահոգութիւնը անապահովութիւնն է», ըսաւ Էռնեսթոն: Ան համալսարանը աւարտելէ ետք կ՛ուզէ դուրս գալ երկրէն` նոր կարելիութիւններ գտնելու նպատակով: Մինչ այդ Էռնեսթոն կարծես գտած է ապրելու ձեւը իր երկրին մէջ: «Երեւի պիտի հաշտուինք այս կեանքին», ըսաւ ան` պզտիկ ու գոհունակ ժպիտ մը գծելով իր դէմքին վրայ:

Բայց այս երկու իրականութիւններուն մէջէն` բարիին, գեղեցիկին, եւ չարին` անապահովութեան եւ վայրագութեան, ապրեցայ երրորդ իրականութիւնը: Եւ այդ ալ հեռաւոր Էլ Սալվատորի մէջ Արմենիա քաղաքն էր:

Երեւի քիչ մը զարմանալի, բայց նոյնքան ուրախանալի երեւոյթ էր, որ հեռաւոր Էլ Սալվատորի մէջ կը մտնէի Հայաստան քաղաքը` առանց հայու… Իսկ անո՞ւնը: Էլ Սալվատոր կաթողիկէ երկիր է, եւ անոնք Արմենիա անունը տուած են` մեկնելով Աստուածաշունչի Նոյեան տապանի պատմութենէն, որ կայք դրաւ Արարատ լերան վրայ: Ճիշդ է, որ ոչ մէկ հայ կայ, բայց Արմենիա անունը տեսնել քիչ մը ամէն տեղ շատ լաւ ու հպարտանալիք զգացում էր: Բայց չուշացաւ «չար» զգացումը… Կրնա՞յ ըլլալ, որ կը հասնինք այն օրը, երբ պատմութեան մէջ միայն Արմենիա անունը կը մնայ եւ` առանց հայ մարդու… Որպէս հայկական իրականութիւն… Յար եւ նման Էլ Սալվատորի Արմենիա քաղաքի՞ն…

Խումբ մը եկեղեցական առաջնորդներու դիմաց կը խօսէի ընկերա-լեզուաբանական եւ մշակութային ու ազգային ինքնութեան գործօններուն եւ Աստուածաշունչի ընկալումի գործընթացին մէջ անոնց ունեցած ազդեցութեան մասին: Շատ տարբեր դիմագիծներ, իւրաքանչիւրը` իւրայատուկ իր ինքնութեանը մէջ, քով-քովի կեցած եւ կազմած են էլսալվատորեան ազգային մշակոյթը: Անպայմանօրէն հարց կու տաս, թէ ինչպէ՛ս կազմաւորուած է այս ժողովուրդը : Ո՞ւր եւ ե՞րբ անոնք միաձուլուած են իրարու հետ եւ կազմած` այս նոր ինքնութեամբ երկիրը: Կան սպանական գաղութատիրութեան գործած աւերները: Եւ թէ ինչպէ՛ս նոյն այդ գաղութատիրութիւնը «վերացուցած» է երկրին ազգագրական ու ցեղային ինքնութիւնը, եւ որուն յաջորդած է շատ մը ժողովուրդներու հոսքը դէպի նոր երկիր: Եւ այս հոսքին հետ` նոր ժողովո՞ւրդ:

Խօսեցայ հայ ժողովուրդին ու անոր պատմութեան, բայց նաեւ Ցեղասպանութեան ահաւորութեան եւ անոր պատճառած մեծ ցաւին մասին, այդ ցաւին խթան եղող ազգային ինքնութեան եւ անոր պատկանելիութեան հպարտութեան եւ պահպանումի անհրաժեշտութեան մասին: Դրի առաջարկս բոլորին. «Պէտք է հպարտ զգաք ձեր ինքնութեամբ, մշակոյթով եւ Աստուածաշունչը պէտք է դնէք ձեր երկրին կեանքին մէջ, որպէսզի բարին զօրանայ»:

Բարին, չարը եւ Արմենիա: Էլ Սալվատորի իմ մէկ շաբթուան ապրած փորձառութիւններս: Բայց բարին պէտք է յաղթէ ու իր տեղը գտնէ, որովհետեւ կայ Տարլինը, ու տակաւին` բոլոր Տարլիները, որոնք «կ՛ուզեն իրենց հայր(եր)-ը տեսնել…»: Ու տակաւին` Էռնեսթոն եւ բոլոր երիտասարդները, որոնք պէտք է հաւատան իրենց երկրի ապագային եւ մնան հպարտ…

Բայց  Փաւլոն համոզուած է. «Մեր երկրի դրօշակին վրայ կայ երեք իրականութիւն` Աստուած, միութիւն եւ ազատութիւն»: «Մեր երկիրը այս իրականութիւնները վերածեց լոզունգի` առանց դարձնելու զանոնք ապրող իրականութիւններ: Բայց ինծի համար այս երեքը իմ կեանքի ներշնչումս է եւ անոնց միջոցով կը պահեմ եւ կը կերտեմ իմ ինքնութիւնս եւ մշակոյթս»:

Փաւլոն որոշած է մնալ Էլ Սալվատոր… Ան կ՛ուզէ աշխատիլ, որպէսզի այս երեք իրականութիւնները սերմանէ հաւաքականութեան կեանքին մէջ, եւ որպէսզի բարին յաղթէ: Ան չ՛ուզեր հաշտուիլ իր երկրին ներկայ իրականութեան հետ…

Բայց կայ նաեւ իմ եւ հայուն պայքարը: Արմենիան սոսկ անուն պէտք չէ մնայ: Հոն պէտք չէ հասցնենք երբեք: Արմենիան ապրող կեանք եւ իրականութիւն պարտի մնալ եւ պէտք է աշխատիլ` պահելու համար զայն:

Բայց մինչ այդ կան Տարլինին արցունքները… նաեւ` սրտին փափաքը, որ` «կ՛ուզէ հայրը տեսնել»:

Մինչեւ ե՞րբ աշխարհ ու անոր բոլոր քաղաքական կարգավիճակները պիտի անտեսեն Տարլինին ու անոր նման մանուկներու արցունքները… Բարի արցունքները, որոնք` «կ՛ուզեն իրենց հայրը տեսնել»…

Բարին, չարը եւ Արմենիա:

Պայքարի մեր կեանքերը: Հոն, ուր բարին պիտի կերտել եւ ապրեցնել:

Եթէ Փաւլոյին պայքարն է, բայց նաեւ իմս: Եւ որ նաեւ պէտք է դառնայ իւրաքանչիւրիս պայքարը:

Պայքարը` բարին կերտելու…

 

 

Ինքնորոշման Համար Պայքարը Վառ Մնաց

0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

21  դեկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցան Քաթալոնիոյ ընդհանուր ընտրութիւնները` յառաջացնելու համար նոր խորհրդարան մը (Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէին պատճառով Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյի կողմէ նախկին խորհրդարանին լուծարումէն ետք):

Խորհրդարանական ընտրութիւնները քաթալան ժողովուրդին համար երկրորդ առիթ մը հանդիսացան` արտայայտելու իրենց ազգային ինքնորոշման իրաւունքը եւ որոշելու իրենց հայրենիքին ճակատագիրը:

Ընտրական պայքարին մէջ ընդգրկուած ուժերը կը բաղկանային երկու ճակատներէ. առաջինը կը ձգտի անկախանալ սպանական լուծէն եւ միացեալ թագաւորութեան փոխարէն` կերտել անկախ հանրապետութիւն մը (Հանրապետական ձախ կուսակցութիւն, առաւել` Բոլորս միասին, Մենք կրնանք եւ Ժողովրդային միութիւն թեկնածութիւն դաշինքներ): Երկրորդ ճակատը դաշնակցայինն (ժողովրդավարական, քաղաքացիներ եւ ընկերվարական կուսակցութիւններ) է, որ կ՛ուզէ Քաթալոնիան պահել ինքնավար համայնք` Սպանիոյ հովանաւորութեան տակ: Հոս կը տեսնենք, որ ընտրական պայքարը սկզբունքներու եւ համակարգային պայքար է երկու հակասական ուժերու միջեւ:

Սպանիոյ դաշնակցային կառավարութեան կողմէ Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէին չեղեալ յայտարարումը պայքարի նոր ալիք մը յառաջացուցած է արդէն իսկ անկախութեան ձգտող տարրին մէջ, եւ այս ալիքը, անշուշտ, իր արտայայտութիւնը գտաւ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն ընդմէջէն: Ազգային ինքնորոշումի ձգտող կուսակցութիւնները շահեցան քուէներուն 54 առ հարիւրը, իսկ դաշնակցայինները` 43: Այսպիսով, ապարդիւն անցան մէկ կողմէ սպանական պահպանողական կառավարութեան կատարած հակաժողովրդավար եւ այլամերժ փորձերը, որոնք կը միտէին սառեցնել քաթալաններու ազգային ինքնորոշումը, միւս կողմէ ալ ձախողեցան համաշխարհայնացման հիմնարկները, որոնք իրենց ճիգերը թափեցին Քաթալոնիան պահելու իբրեւ Սպանիոյ ենթարկուած գործարարական ցանց մը:

Հայ ազգը նմանօրինակ կացութեան մը մէջ գտնուած է արդէն. Արցախը, 7 տասնամեակներ ապրած ըլլալով ազրպէյճանական տիրապետութեան տակ, 1990-ին ոտքի ելաւ` արտայայտելու իր ինքնորոշման իրաւունքը (խորհրդային սահմանադրութեան համաձայն), սակայն Խորհրդային Ազրպէյճանի կառավարութիւնը չեղեալ նկատեց հանրաքուէին արդիւնքները, եւ իր ժառանգորդը (Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը) կը շարունակէ այդ հանրաքուէն չեղեալ նկատել մինչեւ օրս: Ատոր համար անկախութիւն ձգտող կուսակցութիւններու յաղթանակը դրական երեւոյթ մը կը դառնայ համայն հայութեան եւ յատկապէս Արցախին համար:

Անկախութեան ձգտող կուսակցութիւններու յաղթանակը, ազգային ինքնորոշման իրաւունքի կողքին,արմատական փոփոխութիւններ պիտի յառաջացնէ Քաթալոնիոյ ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին մէջ. հանրապետութեան կերտում, խստամբերական ելեւմտական քաղաքականութեան կասեցում եւ պահպանողական օրէնքներու  ջնջում (մանաւանդ` սեռային անհաւասարութեան վերաբերեալ):

Քաթալոնիոյ անկախութեան կողմնակից ուժերուն նկատմամբ համակրանքի աճը եւ խորհրդարանին մէջ անոնց ներկայութեան յաւելումը  այս դարուս ազգային-ազատագրական պայքարի նոր օրինակ մը պիտի դառնայ բոլոր զրկուած ազգերուն համար եւ իր արձագանգը պիտի գտնէ Արցախի, Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ եւ այլուր` վառ պահելով իրաւազուրկ ազգերու պայքարի ոգին:

 

 

 

Լուրերու Աշխարհէն

0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

«Ինչո՞ւ այսքան մեծ տեղ կու տաք հայաստանեան լուրերու», կը հարցնէ ընթերցող մը: Նախ` հարցումը ցնցող է. պէ՞տք է բացատրել կամ արդարացնել, թէ ինչո՛ւ մեր յայտարարած, ընդունած գերագոյն արժէք` հայրենիքի՛ լուրերուն լայն տեղ կու տանք թերթին մէջ: Յաղթահարելով ներքին անհանգստութիւնը` փորձենք բացատրե՛լ:

Մեր պատասխանը ընթերցողին. հայաստանեան լուրերուն պատճառով տուեալ որեւէ օր համահայկական նշանակութեան որեւէ լուր դուրս չի ձգուիր թերթի էջերէն:

Հայաստանեան լուրերու առատութիւնը կը հետապնդէ հայրենի իրականութեան ճանաչման խորացումը, հայրենի մարդուն դժուարութիւններուն ծանօթացումը, պետականութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն հաղորդուիլը, տնտեսական ու ընկերային ընդհանուր պատկերը յստակացնող տուեալներու իմացումը…

Դժգոհ ընթերցողը կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ, օրինակ, պէտք է տեղ տանք Հայաստանէն արտածումներու մասին լուրին: Ինչպէ՞ս չտանք: Հայաստանի արտածումներուն աճը կամ նուազումը շատ բան կը թելադրէ երկրի տնտեսական հեռանկարին մասին. անիկա կրնայ գաղափար մը տալ աշխատանքի կարելիութեանց սահմանափակման կամ ընդլայնման մասին, եւ, անշո՛ւշտ, այն, ինչ կապ ունի տնտեսութեան հետ, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կ՛ազդէ ժողովուրդի հոգեբանութեան, իր ապագան Հայաստանի մէջ տեսնելու քաղաքացիի գնահատումներուն վրայ:

Լուրը, անշուշտ, բաւարար չի կրնար ըլլալ: Վերլուծումն ալ կարեւոր է: Արտածումները կրնան աճ արձանագրել պարզապէս հանքարդիւնաբերութեան հաշուոյն, որուն օգուտը անպայման աշխատաւորին կամ լայն հասարակութեան համար զգալի չի դառնար, մանաւանդ երբ հանքատէրերը հազար ու մէկ ձեւերով նուազագոյն բաժին կը բերեն պետութեան գանձին կամ հասարակութեան բարօրութեան: Ուրեմն կարեւոր կը դառնայ իմանալ, թէ ո՛ր ոլորտներուն զարգացումը կրնայ նպաստել երկրի տնտեսութեան եւ հասարակութեան բարօրութեան:

Գիտնալ, օրինակ, թէ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտը ոչ թէ սովորական թափով, այլ ոստումներով կ՛աճի Հայաստանի մէջ, չի՛ կրնար չերջանկացնել մեր ընթերցողը, որովհետեւ այդ ճամբով երիտասարդ խաւի մը իրագործումն է,  որ կը փառաւորուի նիւթական բարիքներով:

Տխուր եւ ուրախ լուրեր` սահմանէն ու դաշտերէն, գիւղերէն ու աւաններէն, մայրաքաղաք Երեւանէն ու Արցախէն… Առանց այդ լուրերուն` հայ մարդը անպայմանօրէն բան մը կը կորսնցնէ:

 

 

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Գ.) Լսարանային Հարթակ Եւ Մարդուժի Պատրաստութիւն

0
0

Հակառակ երբեմն ընդառաջումի ոչ ակնկալուած թիւերուն, «Ազդակ»-ի լսարանները այս տարի եւս շարունակուեցան գրեթէ ամսական կշռոյթով եւ պահեցին հետեւողականութիւնը: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններէ պետական դէմքեր, գիտահետազօտողներ, վերլուծաբաններ, ակադեմիայի տնօրէններ եկան հարստացնելու «Ազդակ»-ի հարթակը` համահայկական ամէնէն այժմէական հնչեղութիւնը ներկայացնող խնդիրներու ներկայացման, պարզաբանման միջոցով: Ներկաներու քանակը կայուն պատկեր չպարզեց: Պէտք է նշել, որ «Ազդակ»-ի լսարանները այ՛ս ձեւաչափով եւ այս բովանդակութեամբ համայնքին մէջ կը ներկայանան իբրեւ եզակի հարթակի հանգամանք ունեցող քննարկումի միջավայր:

Լսարանները, թերթի սիւնակներուն առընթեր յառաջացուցած են հայ քաղաքական մտքի կայացման համար նպաստաւոր գործընթացային միջավայր ստեղծող առիթ: Կը մնայ, որ ընդառաջումը, մասնակցութիւնն ու քննարկումները թափ հաւաքեն, եւ իրաւամբ յայտարարուած եւ առաջադրուած միտքերու արտադրութեան անհրաժեշտութիւնը զգալի դարձնէ ինքզինք թերթի յարկին տակ:

Ստեփանակերտի մէջ Արցախի տեղեկատուական մարզի պետական եւ հասարակական պատասխանատուներու հետ կայացած քննարկում-հանդիպումը կ՛առանձնանայ այս շարքին մէջ` նախանշելով հետագայ համագործակցութիւններու ծաւալը: Ստեփանակերտի քննարկումը առիթ եղաւ ո՛չ միայն «Ազդակ»-ի անցած ուղին, իրականացուցած ծրագիրները ներկայացնելու, այլ խորքային քննարկումի ենթարկելու համահայկական տեղեկատուական դաշտի այսօրուան իրավիճակը եւ յատկապէս Արցախի ուղղութեամբ կատարուելիք աշխատանքներուն կարեւորագոյն ուղիները:

Արցախի մէջ սեփական վերլուծաբան ունենալը անշուշտ կը նպաստէ այս ուղենիշի առարկայացման: Մեր պաշտօնակից «Ապառաժ»-ի հետ մնայուն կապերը, եւ առհասարակ Արցախի պետական-հասարակական տեղեկատուադաշտի հետ «Ազդակ»-ի ունեցած համագործակցական մթնոլորտը աւելի խորանալու եւ զարգանալու միտումներ կը պարզէ: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբերին թէ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին քանի մը հանդիպումները մեր երիտասարդ մարդուժի ներկայացուցիչներուն հետ կարեւոր նախադրեալներ են նշուած առաջադրանքին ուղղութեամբ աշխատելու:

Արցախի պետութեան բարձրագոյն օղակներուն մօտ աննկատ չէին մնացած թէ՛ ապրիլեան պատերազմին եւ թէ՛ ընդհանրապէս արցախեան կեանքին «Ազդակ»-ի կատարած արագ արձագանգումներն ու վերլուծական գրութիւնները: «Ազդակ»-ը այս բոլորին համար կ՛արժանանար Արցախի Հանրապետութեան նախագահի երախտագիտութեան մետալին:

Քննարկումներու հայաստանեան միջավայրին մէջ եւս նկատուեցաւ «Ազդակ»-ի աշխուժ ներկայութիւնը: Թէ՛ սփիւռքի նախարարութեան առընթեր գործող համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստերուն, թէ՛ մամլոյ ասուլիսներուն կամ քննարկման այլ ձեւաչափերուն «Ազդակ»-ը նկատի առնուեցաւ իբրեւ սփիւռքեան կարեւորագոյն խօսափող, յատկապէս համահայկական հիմնահարցերու շուրջ հանրային կարծիքի ձեւաւորման  տարբեր գործընթացներուն իր անշրջանցելի նպաստը բերելով:

Ընթացիկ տարին «Ազդակ»-ի համար յատկանշուեցաւ նաեւ մարդուժի պատրաստութեան հեռանկարային աշխատանքներով:

Դէպի Հայաստան եւ դէպի Եւրոպա մեր խմբագիրներու գործուղումները դասական իմաստով կը նպաստեն մարդուժի վերաորակաւորման առաջադրանքին:

Ապագայ ընթերցողներ եւ աշխատակիցներ պատրաստելու համար տարիներէ ի վեր իրականացուող «Պզտիկ-մզտիկ»-ի թէ՛ հրատարակչական եւ թէ՛ մրցանքներու կազմակերպման աշխատանքները շարունակուեցան: Այս տարուան նորութիւնը «Պզտիկ-մզտիկ»-ի աշխատանոցն էր, որ համախմբեց հարիւրաւոր երեխաներ, որոնց ուղեցոյց տալու նպատակով միացան «Պզտիկ-մզտիկ»-ի խմբագիրները: Անոնք խմբային աշխատանքներով ծրագրեցին եւ պատրաստեցին հրատարակութեան պատրաստ յատուկ մանկապատանեկան թիւ: Բնականաբար պարզեցուած կարգով աշխատանքը կը նպատակադրէր թերթի խոհանոցային բաժինը բանալ փոքրիկ լրագրողներուն, խմբագրական, էջադրական, գրաշարական եւ տպագրական բաժիններով:

Վաղուց կը զգայինք բացակայութիւնը թերթին հանդէպ փոքրիկ լրագրողներու եւ չափահասներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բացի ամբողջացման նպաստող աշխատանքին: Այս առումով այդ բացը լրացնելու համար «Ազդակ» նախաձեռնեց «Ապագայ լրագրողներ»-ու եւ «Քննական ոսպնեակ»-ի ծրագիրները: Մեր պատանի մարդուժի ներկայացուցիչները համախմբուեցան «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին շուրջ, մինչ «Քննական ոսպնեակ»-ը հաւաքագրեց երիտասարդ այն խաւը, որուն մօտ արդէն իսկ յայտնաբերուած էր քննական մտածողութիւնը զարգացնելու հմտութիւնը:

Այս հիմնական երեք ուղղութիւններով փորձ պիտի կատարուի աշխատանքներուն տալ հետեւողական բնոյթ: Թէ՛ «Պզտիկ-մզտիկ»-ի աշխատանոցը, թէ՛ «Ապագայ լրագրողներ»-ը, «թէ՛ «Քննական ոսպնեակ»-ը ըստ էութեան յաջորդաբար երեխայ-պատանի-երիտասարդ խաւերով շղթայական սերնդական կապ կրնան ապահովել «Ազդակ»-ին:

Առանց մարդկային պաշարներու ամբարման, որեւէ աշխատանք կը կորսնցնէ իր հեռանկարայնութիւնը: Առանց վաղը պատրաստելու, այսօրը կրնայ փոշիանալ շուտով: «Ազդակ»-ը փաստած է, որ իննսուն տարի անընդմէջ  պատուով կատարած է սերնդափոխութիւնը: Մենք մեր հերթին կը փորձենք աւանդական այդ ժառանգութիւնը շարունակել, եւ փաստօրէն մեր երիտասարդ խմբագիրները տենդագին լծուած են այդ աշխատանքին: Երիտասարդներն են, որոնք կը պատրաստեն իրենց յաջորդները: Թէ՛ աշխատանոցի պարագային, թէ՛ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն եւ թէ՛ «Քննական ոսպնեակ»-ին ո՛չ միայն հետեւողները, այլ նաեւ դասախօսներն ու զրուցավարները միանշանակ կը յայտնեն իրենց խանդավառութիւնն ու պատրաստակամութիւնը գործը շարունակելու:

Կը գիտակցինք, որ ժամանակաւոր խանդավառութեան եւ նախաձեռնութեան ստեղծած անմիջական ազդեցութեան սահմաններուն մէջ պէտք չէ մնան նման աշխատանքներ: Հետեւողականութիւնը եւ գործի շարունակականութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ են այս պարագային եւ կը հաւատանք, որ «Ազդակ» յառաջիկային եւս իր առաջնահերթութիւնը պիտի նկատէ մարդկային պաշարներու ամբարման եւ ատոր համար մարդուժի պատրաստման այս աշխատանքները:

Նամակ` Յիսուս Պապային

0
0

ՎԱՐԴԱՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Թերեւս տարօրինակ թուի, որ երեսունը անց երիտասարդ մը ամէն առիթով նամակ գրելու մասին կը մտածէ. սակայն, ներշնչուելով 21 սեպտեմբեր, 1897-ին, «Նիւ Եորք Սան»-ի մէջ լոյս տեսած խմբագրականէն` «Ի՞զ տեր Սենթա քլոզ» եւ մանաւանդ հայ համբաւաւոր բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի «Նամակ Կաղանդ պապային» գործէն, ուզեցի ձեռնարկել հետեւեալ նամակին` այն յոյսով, որ բարին տակաւին վառ կը մնայ մեր սրտերուն մէջ, եւ թերեւս շատ մը ընթերցողներու սիրտերը կը նորոգուին ու օրհնութեան պատճառ կը դառնայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ ծննդեան առիթով:

Սիրելի՛ Յիսուս պապա,
Ծնունդդ մօտ է ահա:

Ամէն տեղ տօն է եւ խանդավառութիւն…

Եւ աշխարհի վրայ ամէն մանուկ սպասելով նոր նուէրներու` նամակ կը գրէ դարաւոր համբաւ ունեցող Կաղանդ պապային… Ես իմ նամակս կ՛ուզեմ քեզի ուղղել, որովհետեւ գիտեմ Կաղանդ պապային գաղտնիքը…

Կաղանդ պապային վարպետը Դուն ես: Դուն իր հերոսն ես: Հապա ինչպէ՞ս ան այդքան բարի, սիրող եւ ուրախ կրնայ ըլլալ, եթէ Քեզմէ սորված չըլլայ: Աշխարհ գալուդ իմաստը լաւ հասկցած է ան:

Իսկական նուէրը Ս. Ծնունդի Դո՛ւն ես, եւ ես քեզ աւելի կը սիրեմ:

Յիսո՛ւս պապա, ինծի համար չէ, որ այս նամակը կը գրեմ, այլ` արար աշխարհ տարածուած հայ մանուկներուն համար: Ի՜նչ սիրուն ու փայլուն են անոնք: Անոնց աչքերուն փայլքը ապագայի յոյս կը ներշնչէ… եւ անոնց փոքրիկ հասակին մէջ կը մեծնան Երէցներ, Մաշտոցներ ու Նարեկացիներ` սքանչելի:

Մի՛ մտահոգուիր. իմ նուէրս, որ անոնց համար կը խնդրեմ, պիտի ըլլայ մեծագոյն նուէրը, զոր մանուկ մը կրնայ ստանալ` խաղալիքներէն, I-pad-երէն եւ Play Station-ներէն շա՜տ շա՛տ աւելի մեծ:

Ես գիտեմ, որ գիտեն, թէ ի՛նչ է կարեւորը: Բայց կ՛ուզեմ, որ յիշեցնես իրենց այս տարի եւս: Չըլլա՛յ, որ մոռնան ու կարծեն, թէ միայն խաղալիքով է ուրախութիւնը, եւ նուէր ստանալով է, որ լաւ եւ գոհացած կրնանք զգալ:

Կ՛աղաչեմ` իրենց այցելես այս տարի եւս Կաղանդ պապայէն առաջ եւ իրենց բերես այն անհիւծելի նուէրը, զոր քու խաղաղութիւնդ, գութդ, հոգատարութիւնդ, ներողամտութիւնդ եւ, ամէնէն աւելին, անբացատրելի ու աննման Սէ՜րդ է, որպէսզի նուէրներու համար գիտնան երախտապարտ ըլլալ մամային եւ պապային: Ipad-երու փոխարէն` ուրախ ըլլան բոլո՜ր այն ընկերներով, որոնցմով շրջապատուած են… Սորվին տեսնել իրենց սրտերով եւ ոչ միայն աչքերով: Մէկդի դնեն ամէն տեսակի չար բաները եւ նոր ու բարի ուժով սկսին Նոր տարին: Իրենց միտքէն չհանեն նաեւ ուրիշները` մարդիկ, որոնք առանձնութենէ կը տառապին. անոնք, որոնք նուէր պիտի չստանան այս տարի եւ գուցէ նաեւ յաջորդին… Փոքրիկներ, որոնց ընտանիքները դժուարութեան մէջ են, չքաւորութեա՜ն… Ծերունիներ, որոնք այցելութեան կը սպասեն…

Չմոռնան, որ ժպիտ մը եւ սիրոյ արտայայտութիւն մը կրնան շա՜տ մեծ հրաշքներ գործել:

Մանաւանդ ամուր պահեն իրենց քաղցր մանկութիւնը… Շատ փոքրիկներ, խուճապահար նորութիւններու այս դարուն, դեռ մանկութեան նշոյլը չտեսած, կը շտապեն իրենց ետին ձգել զայն եւ անմեղութեան խաղերը փոխարինել վաղահաս պատանեկութեան հարցերով:

Յիսո՛ւս պապա, աշխարհի վրայ չարութիւն շատ կայ: Բայց չար բաներու վտանգը Քեզի սրտանց հաւատացողներուն չի սպառնար, այլ ընդհակառակը, արմատանալու առիթ կը հանդիսանայ: Շատ դժուարութիւններ կը սպասեն իրենց գալ տարի… Հոգ չէ՜… Ես վստահ եմ, թէ ամէն անգամ որ չար բաներու հանդիպին, պիտի դառնան եւ Քեզ հոն պիտի գտնեն իրենց կողքին, իրենց հետ` ջանալով շտկել, պայքարիլ, չընդունիլ չարը եւ, ի վերջոյ, ներել եւ միշտ բարի յոյսով մնալ:

Քեզի հրաժեշտ կու տամ սրտագին` շնորհակալութիւն յայտնելով, որովհետեւ եթէ աշխարհ չգայիր, այս ամէն բաները պիտի չգիտնայինք, աւելի խաւար պիտի ըլլար աշխարհը ու մեր հոգիները` շա՜տ մութ:

Դուն միշտ իրենց հետ մնայ, պահէ զիրենք, որ յաջորդ տարի մեծ տղաք ու աղջիկներ դառնալով` պատիւ բերեն Քեզի եւ մեր ազգին` իրենց ճշմարիտ եւ բարի վարքով:

Կը սիրեմ Քեզ:

 

 

Րաֆֆի Պչաքճեան Սերունդի 10 Նորագիրներ կը միանան ՀՅԴ Աւստրալիոյ Շարքերուն

0
0

Սիտնի և Մէլպուրն.- Դեկտեմբեր 2017-ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցը համալրուեցաւ 10 նորագիրներով, որոնք կատարեցին իրենց կուսակցական երդումը Աւստրալիոյ Սիտնի եւ Մելպուրն քաղաքներուն մէջ:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն 2017 թուականին շարքերը փոխանցուած սերունդը անուանակոչեց Հալէպի հայկական թաղերու պաշտպանութեան ղեկավար Րաֆֆի Պչաքճեանի անունով, որ նահատակուեցաւ 2016 թուականին Հալէպի հայահոծ շրջաններու պաշտպանութեան ժամանակ:

Ընկալուած սովորութիւն էր որ նորագիրներուն շարքերը ընդունէր կնքահայր մը, սակայն այս տարի նորագրիներուն շարքերը ընդունեց կնքամայր մը, յանձինս շրջանիս վաստակաւոր ընկերուհիներէն ընկերուհի Յասմիկ Զառացեանը: Ընկերուհին կատարեց նորագիրներուն երդման արարողութիւնը յարգելով յիշատակը Հայաստանի առաջին անկախութեան ընթացքին իգական սեռին տարած հայրենանուէր աշխատանքին:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Գէորգ Վարդանեան յաջող եւ աննահանջ երթ մաղթեց շարքերը փոխանցուած ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն:

Ան ըսաւ.- «Այսօր մեր կազմակերպութեան մէջ կը տեսնենք արդիւնքը տարիներէ ի վեր պատկան մարմիններու որդեգրած երիտասարդականացման քաղաքականութեան: Շարքերը փոխանցուած ընկերները, որոնց մեծամասնութիւնը կու գան ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան շարքերէն, կենդանի օրինակներ են որոնք կը վկայեն թէ մեր գաղութին մէջ կայ այդ զանգուածը, որ կ’ուզէ ծառայել իր հայրենիքին եւ իր ազգին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան ընդմէջէն»:

«Կը շնորհաւորենք Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը ընդհանրապէս եւ Աւստրալիոյ կառոյցը յատկապէս նորագիրներուն շարք մուտք գործելուն առիթով: Շնորհակալ ենք ընկերուհի Յասմիկ Զառացեանին, որ շարքերը ընդունեց մեր նորագիրները նոյն այդ ոգիով ինչպէս կը գործէին երեք կին երեսփոխաններն ու կին դեսպանը Հայաստանի առաջին անկախութեան տարիներուն: Բիւր յարգանք, փառք ու պատիւ ընկեր Րաֆֆի Պչաքճեանի հոգիին, որուն անունը առ յաւէտ դրոշմուած պիտի մնայ այս 10 նորագիրներուն մտքին մէջ» եզրափակեց ընկեր Վարդանեան:

armenia.com.au


Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Դ.) Քննադատութիւններ

0
0

«Ազդակ»-ի հասցէին կատարուած քննադատութիւններու ներքեւի կէտերը հիմնուած են նախ գրաւոր մեզի հասած ելեկտրոնային նամակներու, ֆէյսպուքեան տարածքներու վրայ շրջանառուող տեսակէտներու, ժողովական միջավայրերու մէջ հնչած կարծիքներու եւ ընկերական զրոյցներու վրայ: Մեր ակնկալածը, որ տարբեր առիթներով փոխանցուած է, այն է, որ քննադատութիւնները կամ առաջարկները կարելիութեան պարագային ուղղակի փոխանցուին տնօրէնութեան կամ համապատասխան խմբագրական կամ վարչական պատասխանատուներու ուշադրութեան: Ուղղակի հանդիպումները եթէ կարելի են լաւագոյն ձեւն է, այլապէս «Ազդակ»-ի ընտանիքը հասանելի է հեռաձայնով, ելեկտրոնային նամակով եւ նոյնիսկ ֆէյսպուքեան էջերու ճամբով: Այս կապը, արձագանգումը (աւելի ճիշդ եզրն է այս պարագային` տրուած ըլլալով, որ գերակշռող թիւով ձայնակցելու եւ գնահատելու պատգամներ կը շարունակենք ստանալ) պէտք է մնայուն ըլլայ. կը վստահեցնենք, որ այն ինչ որ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ է եւ յետ համոզման կիրարկելի, անպայման նկատի կ՛առնուին, մինչ ոչ կառուցողականը կամ խծբծանքի տարր պարունակողը կը մնայ անարձագանգ:

Բոլոր քննադատութիւններուն հետ` համաձայն ըլլանք կամ չըլլանք, այնուամենայնիւ հաշուի նստելու անհրաժեշտութիւնը կը զգանք:

1.- Սկսելու համար, մեր խմբագրականներու կամ առաջնորդող ակնարկներու հանրամատչելի չըլլալու տպաւորութիւնը կամ համոզումը տարբեր սերունդի մարդոցմէ լսուած է յաճախ: Այստեղ սուր կերպով կը քննադատուի նաեւ հայաստանեան ժամանակակից բառապաշարի օգտագործումը: Կամ աւելի պարզ, ոչ արեւմտահայերէն բառերու ներկայութիւնը: Հնչած է նաեւ այն միտքը, որ այս սիւնակները գերազանցապէս հայրենական եւ համահայկական խնդիրներ կ՛արծարծեն` անտեսելով լիբանանեանը:

2.- Լեզուական սայթաքումները, ոչ անպայման գրաշարական մեքենականութեան վերագրուող, համաճարակային ախտանիշի վերածուած են մեր էջերուն մէջ եւ որեւէ ճիգ չի նկատուիր իրավիճակի փոփոխութեան համար:

3.- «Ազդակ» տեղ չի տար քննադատութիւններուն. որոշ յօդուածներ լոյս չեն տեսներ. կը բացակայի մամուլի ճամբով բանավէճը: Անտեղի են կարգ մը յօդուածներու վերեւ գրուող խմբագրական միջամտութիւնները:

4.- Արագ լրահոսի բաժինը, ոչ աշխատանքային օրերուն, կը զգացնէ արձակուրդի մէջ գտնուած ըլլալու մթնոլորտը, շաբթուան միւս օրերուն նման արագ չարձագանգելով բեկումնային լրատուութիւններուն:

5.- Մեր էջերուն մէջ յաճախ գերակայ է արեւելահայերէնը. մինչ, երկարածաւալ յօդուածները ընթերցումի չեն հրաւիրեր կարդացողը: Կը պակսին կենդանի ռըփորթաժային նիւթերը: Յանձնուած յօդուածներու հրատարակումը կ՛ուշանայ:

6.- Մարզաշխարհի բոլոր բնագաւառները նկատի չեն առնուիր. մինչ կարեւորագոյն մարզական մրցումի արդիւնքը երբեմն չ՛երեւար «Ազդակ»-ի յաջորդ օրուան թիւին մէջ:

7.- Ինքնուրոյն յօդուածներու եւ ստեղծագործական նիւթերու բացը լրացնելու համապատասխան միջոցառումները տեսանելի չեն:

8.- Գունաւոր հրատարակութեան որակը չի գոհացներ ընթերցողը:

9.- Յաճախ, թերթի հրատարակութեան ուշացման պատճառով օրուան թերթը չի հասնիր ծայրամասերու բաժանորդներուն, Այնճարի եւ Դամասկոսի ընթերցողներուն, օդակայան, հետեւաբար նաեւ օդանաւերու մէջ չի ցրուուիր:

10.- Ծանուցողական պատուէրով հրատարակուող գունաւոր թիւերու բովանդակութիւնը կը խախտէ «Ազդակ»-ի ճշդած բաժիններուն ընդհանուր համաչափութիւնը:

Տասը կէտերու մէջ շատ ամփոփ ձեւով ներկայացուած այս հարցերէն զատ բնականաբար կան այլ խնդիրներ եւս:  Ըսենք, նաեւ, որ հարցերը պարզապէս արագ նշումի ճամբով արձանագրուած են: Կը գիտակցինք միաժամանակ, որ խորքային քննարկումի կարօտ այս խնդիրները խմբագրաշարքի մը նեղ սահմաններուն մէջ չեն կատարուիր. կը պահանջեն յատուկ խորհրդաժողով կամ քննարկման համապատասխան միջավայրի ստեղծում:

Յամենայն դէպս այս բոլորը կ՛ընդունինք նաեւ որոշակի առումներով ինքնաքննադատութեան կարգով: Յաջորդիւ, կ՛անդրադառնանք արծարծուած հարցերուն ուղղութեամբ «Ազդակ»-ի տեսակէտներուն:

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Դեկտեմբեր Գ.- Միացեալ Նահանգներու Նախագահին Որոշումին Շարժառիթը

0
0

Երուսաղէմի կարգավիճակը ճշդող եւ զայն Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը քաղաքական ակնկալելի քայլ մըն էր, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը 1995-ին նման որոշում մը սերտած էր արդէն, սակայն երկրի յաջորդական նախագահները յաճախ յետաձգած էին անոր իրագործումը ու խուսափած նման քայլէ` երկրին համընդհանուր շահերը նկատի ունենալով:

Վերլուծաբաններ, սակայն, դիտել կու տան, որ  Թրամփ հաւանաբար արաբական աշխարհի ներկայ ալեկոծ իրավիճակը յարմար նկատեց նման յայտարարութիւն կատարելու համար:

Անոնք կ’աւելցնեն, որ 1948-ին Իսրայէլի` որպէս կրօնական դիմագիծ ունեցող երկիր ճանաչումին, բնականաբար, պիտի յաջորդէր տարածաշրջանի երկիրներուն կրօնական գոյնը շեշտադրող հոսանք մը, յատկապէս` նկատի առած, որ Միջին Արեւելքը կրօնական բախումներու պարարտ հող է, ու այնտեղ է, որ ծնունդ առած են կրօնական վարդապետութիւններ: Վերջին տարիներուն իսլամական շարժումներուն հրահրումն ալ այդ տրամաբանութեան կը ծառայէր:

Նախորդ դարու վերջին քառորդէն մինչեւ մեր օրերը աջակողմեան խորհրդապահներու հոսանքն է, որ կը տիրապետէ միջազգային քաղաքական բեմին ու յատկապէս` Միացեալ Նահանգներու ու արեւմտեան կարգ մը երկիրներու քաղաքական որոշումներու ընթացքին: Վերլուծաբաններու կարծիքով, Թրամփի իշխանութեան գալը այս հոսանքին ազդեցութեան հետեւանք էր: Եւ ի զուր չէր, որ Թրամփ կը փորձէր,  ըստ կարելւոյն, սահմանափակել ազատական (իմա` լիպերալ) նախարարներուն (յատկապէս` պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներուն) ազդեցութիւնը երկրի կարեւոր որոշումներուն վրայ եւ զանոնք հեռու պահել երկիրը յուզող առանցքային հարցերէն:

Թրամփի` ամերիկեան դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելու որոշումը  կը հնչէ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ միջազգային ընդհանուր մթնոլորտը եւս Միացեալ Նահանգներու հետ բախումի մէջ մտնելու հաւանականութենէն հեռու կը մնայ: Ռուսիա, Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ հարցերէն ետք, Միացեալ Նահանգներու հետ բախումի նոր եզրեր պիտի չորոնէ բնականաբար, իսկ Չինաստան պիտի շարունակէ հաւասարակշռուած դիրքերէ հանդէս գալ: Թուրքիա, ձեւական դատապարտումներէն քայլ մը անդին երթալու նախադէպը չունի, մանաւանդ որ այս երկրի իշխանութիւնները եւս տարածաշրջանի իսլամացումին ի նպաստ կը գործեն, այսինքն իրենք եւս Իսրայէլի գոյութիւնը երաշխաւորող գաղափարները կը խրախուսեն:

Այսուհանդերձ, արաբական աշխարհը, յատկապէս` անոր դիմադրական թեւը, Միացեալ Նահանգներու ազատականներն ու միջազգային շարք մը երկիրներ, իրենց դատապարտումներուն կողքին, ամէն գնով պիտի փորձեն արգելք հանդիսանալ Երուսաղէմի այս կարգավիճակի հաստատման:

Երուսաղէմի մէջ գոյութիւն ունի նաեւ հայկական պատմական ժառանգութիւն, հայկական կողմերուն պաշտօնական արձագանգը եւս բնականաբար պիտի դատապարտէր Միացեալ Նահանգներու նախագահին այս մօտեցումը, որ իրականութեան մէջ կ՛անտեսէ շրջանի պատմութիւնն ու միջազգային օրէնքը եւ տուրք կու տայ կողմի մը շահերուն, այս պարագային` Իսրայէլի:

«Գ.»

14 դեկտեմբեր 2017

ՀՅԴ-ի 127-ամեակի Տօնակատարութիւններ

0
0

Նոր Ջուղա

Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, 14 դեկտեմբերին Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի

127-ամեակը: Օրուան բանախօսն էր Հայաստանէն ժամանած, ՀՅԴ Բիւրոյի Տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի ղեկավար Սուրէն Պարսեան: Ան իր խօսքին մէջ` նշեց, որ վերջին 27 տարիները Դաշնակցութեան համար եղան հայրենաշինութեան ժամանակաշրջան, որուն շրջագիծին մէջ` յանուն այսօրուան ազատ, անկախ եւ վաղուան միացեալ Հայաստանի կերտման ու հզօրացման,  իրականացուած է հայաստանակեդրոն քաղաքականութիւն: Ան ընդգծեց, որ այս ընթացքին Դաշնակցութեան օրակարգի գլխաւոր հարցը եղած է Արցախի եւ արցախահայութեան ազատագրութիւնն ու պաշտպանութիւնը:

Բանախօսը շեշտեց, որ Հայաստանը եւ սփիւռքը մէկ ամբողջութեան երկու մասն են, եւ միայն ուժերու համատեղմամբ կարելի է հասնիլ համահայկական նպատակներու իրականացման:

Գեղարուեստական բաժնով ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Հայաստանէն հրաւիրուած երգիչ Ռուբէն Սասունցին:

Շահինշահր

Կրկին նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, 15 դեկտեմբերին ՀՅԴ

127-ամեակը նշուեցաւ ՀՄՄ «Արարատ» միութեան Շահինշահրի մասնաճիւղի կեդրոնատեղիի սրահին մէջ:

Նախքան տօնակատարութիւնը, տեղի ունեցաւ շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի Շահինշահրի գրասենեակի պաշտօնական բացումը: Շահինշահրի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան այս առիթով փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնը եւ` գնահատելով Հայ դատի գրասենեակներու իրականացուցած ծաւալուն աշխատանքները եւ շնորհաւորելով նոր գրասենեակի բացումը, յոյս յայտնեց, որ սոյն նախաձեռնութիւնը ո՛չ միայն պիտի ծառայէ իր գլխաւոր առաքելութեան` Հայ դատի պաշտպանման գործին, այլ նաեւ իր աշխատանքով համայնքի ժողովուրդին, ի մասնաւորի երիտասարդութեան մէջ առաւել եւս ամրացնելու ազգային եւ գաղափարական ոգին:

Տօնակատարութեան Հայ դատի յանձնախումբի Շահինշահրի գրասենեակի խօսքը արտայայտեց Այիդա Մուրատեան: Ան շեշտեց, որ 127 տարի անցած է ծնունդէն ՀՅԴ-ի, որ, ըլլալով հայ ժողովուրդին ամուր բազուկը, ծանր եւ դժուար պայմաններուն մէջ դառնալով անոր թիկունքը, ապրած ու գոյատեւած է ազգին համար եւ եղած է յուսալքուած հայուն ոգի ու եռանդ ներշնչողը:  Ան հաստատեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր էութեամբ եւ աշխարհայեացքով ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն է: Ան իր բոլոր ուժերով կը պայքարի հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան համար եւ ազգային-ազատագրական պայքարը կը հիմնաւորէ իր գաղափարախօսութեամբ:

Այնուհետեւ բանախօսութեամբ կրկին ելոյթ ունեցաւ Սուրէն Պարսեան, իսկ ազգային-յեղափոխական երգերով` Ռուբէն Սասունցին:

 

Հրաչ Տասնապետեան. «Դաշնակցութիւնը Երբեք Պիտի Չընկրկի Հայ Ազատագրական Պայքարի Ճամբուն Վրայ»

0
0

18 յունուար 1983-ին կազմակերպուած համաժողովրդային բողոքի միթինկին Հրաչ Տասնապետեանի արտասանած խօսքէն հատուած:

Հրաչ Տասնապետեան

Պատմութիւնը կը շարունակուի:

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կ. կոմիտէի անդամ ընկ. Աբրահամ Աշճեանի առեւանգումը նորագոյն մէկ օղակն է դաւերով, խաբէութիւններով, ահաւոր ճնշումներով եւ զանգուածային սպանդներով յատկանշուած պետական այն ահաբեկչութեան, որ թուրք բռնակալ սուլթաններու, ապա իթթիհատական Թուրքիոյ համաթուրանական վարիչներուն եւ վերջապէս Թրքական Հանրապետութեան ֆաշական ղեկավարութեան կողմէ գործադրուած է ու կը շարունակէ գործադրուիլ հայ ժողովուրդին հանդէպ:

Օսմանեան պալատներու, իթթիհատական ժողովներու թէ թրքական գաղտնի սպասարկութեանց գրասենեակներուն մէջ մէկուկէս դարէ ի վեր պարբերաբար ծրագրուող եւ իր աղիտալի հետեւանքներով մեզի լաւ ծանօթ միեւնոյն այդ պետական ահաբեկչութիւնն է, որուն դիմած են թուրքերը վերջին տարիներուն, ի տես համազգային պահանջատիրութեան եւ Հայ դատի անխոնջ հետապնդման այն ալիքին, զոր համակած է ամբողջ հայ ժողովուրդը, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի բովանդակ տարածքին, յատկապէս Եղեռնի յիսնամեակի եւ վաթսունամեակի համահայկական ոգեկոչումներէն ասդին: Ազգային պահանջատիրութեան վերանորոգուած ալիք, որ կը միտէր ու կը միտի քանդելու լռութեան այն ամօթալի պատը, զոր Թուրքիան եւ իր մեծ ու փոքր դաշնակիցները տասնամեակներէ ի վեր բարձրացուցած էին հայ ազգային իրաւունքներուն շուրջ, մէկը` իր յափշտակած եւ իւրացուցած հայկական հողերու սեփականութիւնը հարցականի տակ  դրուած տեսնելու վախէն, միւսները` իրենց մեծապետական ինչ-ինչ հաշիւներով, քաղաքական, տնտեսական ու ռազմական շահերով մտահոգ:

Այս պարագային, ընկ. Աբրահամ Աշճեանի առեւանգումով, թրքական գաղտնի սպասարկութիւններն ու զանոնք գործի մղող թուրք պետութիւնը երրեակ առաջադրանք մըն է, որ կը հետապնդեն: Նախ` հարուածել սփիւռքի հայ քաղաքական ամէնէն գործօն եւ ամէնէն կազմակերպուած կուսակցութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը, այդպիսով վարանք ու շփոթ ստեղծելու համար – իրենց համոզումով անշուշտ – այդ կուսակցութեան, ինչպէս եւ հայ քաղաքական միւս կազմակերպութեանց ղեկավարութեան ու շարքերուն մէջ. ապա, իբրեւ հետեւանք առաջին այդ ազդեցութեան, աստիճանաբար քանդել սփիւռքահայութեան կազմակերպուած հիմնական ուժը կազմող լիբանանահայ ազգային եւ քաղաքական կառոյցները, տկարացնելով այս հոծ, կենսունակ եւ բազմակողմանի կարողականութեամբ օժտուած գաղութը եւ նպաստելով անոր ներքին շերտաւորման կամ ցրւումին. եւ վերջապէս, լիբանանեան ընդհանուր պարունակին մէջ, առեւանգումի վայրին ու ձեւին բծախնդիր ընտրութեամբը, հայութեան մէջ լիբանանեան այլ համայնքներու նկատմամբ հարցականներ ու կասկածներ յարուցանել, միջհամայնքային նոր վէճեր եւ անհասկացողութիւններ յառաջացնելու համար` փոխադարձ անվստահութիւններէ եւ պայքարներէ բազմիցս խոցուած ու տակաւին վիրաւոր լիբանանեան հայրենիքին մէջ: Բայց վերջին հաշուով, այսօր Լիբանանի, վաղը թերեւս այլ երկիրներու կամ վերստին Լիբանանի մէջ, հիմնական նպատակը մէկ է եւ անփոփոխ,- ահաբեկուած պահել հայութիւնը եւ զայն կազմալուծել` տկարացնելով անոր ազգային-քաղաքական կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները:

Ինչպէս միշտ ըրած ենք մեր պատմութեան ամէնէն ճգնաժամային րոպէներուն, թրքական այս նոր դաւերուն ու սադրանքներուն, թուրք պետական ահաբեկչութեան նորօրինակ այս արտայայտութեանց դէմ պէտք է ազգովի՛ն ծառանանք:

Այս ձեւով, մենք ոչ միայն աննպատակ եւ ապարդիւն դարձուցած կ՛ըլլանք թրքական այս նոր սադրանքները, այլեւ լաւագոյնս հակազդած կ՛ըլլանք անոնց` կազմակերպելով համազգային կեցուածք եւ օրինաւոր ինքնապաշտպանութիւն, բայց մանաւանդ, հայ ազգային իրաւունքներու անխոնջ պաշտպանութեան եւ  Հայ դատի անվհատ հետապնդման ճամբուն վրայ, կազմակերպելով համահայկական նոր արշաւ` յարաբերական, դիւանագիտական, քարոզչական եւ ցուցական մարզերուն մէջ: Ամրապնդելով, բազմապատկելով եւ քաղաքական պատկառելի հզօրանքի վերածելով մեր վճռական ու արդա՛ր պահանջատիրութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի Դաշնակցութեան, ան աւելի քան իննսունամեայ փորձառութիւնը ունի թրքական նենգ միջոցառումներուն, խաբէութիւններուն, մութին մէջ եւ վարձկաններու միջոցաւ գործելու եղանակին:

Այսօր, այս հանդիսաւոր առիթով, ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը յայտարարէ բոլորին,- ամէնէն առաջ իրեն` հայ ժողովուրդին, բայց նաեւ այսօրուան Թուրքիոյ վարիչներուն եւ անոնց գործակիցներուն, պետութիւններուն եւ ազգերուն, որ թուրք պետական ահաբեկչութեան վերազարթնող այս սադրանքները պիտի չկարենան զինք ընկճել, իր ղեկավարութիւնը անճիտել եւ իր շարքերը տկարացնել: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հայ ազգային-ազատագրական պայքարի փշոտ ճանապարհին, զոհաբերած է ամէնէն թանկագինները իր զաւակներուն, բայց Մայիսեան պայծառ առաւօտ մը ազատութեան եւ անկախութեան նարօտը կապած` տակաւին երէկ կիսով բնաջնջուած հայ ազգի ճակատին: Տարբեր են պայմանները այսօր, աւելի դժուարին ու մաշեցնող անկասկած, բայց ոչ մէկ նոր դաւ, ոչ մէկ նոր սադրանք ու խաբէութիւն պիտի կարենայ ՀՅ Դաշնակցութիւնը շեղել Հայ դատի անխոնջ ու բազմակողմանի հետապնդման առաջնորդի իր առաքելութենէն, կամ զայն տկարացնել հայ ազգային իրաւունքներու վճռական իր պահանջատիրութեան մէջ: Հայ ազատագրական պայքարը կրնայ տակաւին նոր զոհեր խլել Դաշնակցութենէն, նոր զոհեր` Աբրահամ Աշճեանի նման իր ընտրելագոյն զաւակներէն, նոր նահատակներ` իր ղեկավար ու գործօն անձնակազմէն, բայց ՀՅ Դաշնակցութիւնը երբե՛ք պիտի չընկրկի այդ պայքարի ճամբուն վրայ, ու մի՛շտ վերանորոգ ուխտով, մշտարծարծ վճռականութեամբ, պիտի շարունակէ ծառայել հայ ժողովուրդին եւ անոր գերագոյն շահերուն` մինչեւ մեր ազգային արդար ու առողջ իտէալներու ամբողջական իրականացումը:

Կարօ Յովհաննէսեան. «Երիտասարդութիւնը Վախցողը Չէ».

0
0

18 յունուար 1983-ին կազմակերպուած համաժողովրդային բողոքի միթինկին Կարօ Յովհաննէսեանի արտասանած խօսքէն հատուած:

Թուրք զինուորական եւ քաղաքական պատասխանատուները, այլ մանաւանդ թրքական կառավարութիւնը` արտաքին եւ ներքին ճակատի վրայ, առիթ չեն փախցներ իրենց հակահայ թթու տրամադրութիւնները յայտնելու:

Անցնող տարիներուն ընթացքին, չեղաւ օր մը, երբ թրքական մամուլը, ձայնասփիւռն ու պատկերասփիւռը չանդրադառնան գլխացաւանք պատճառող Հայկական հարցին եւ յատկապէս հայկական ահաբեկչութեան: Այս առթիւ դարձեալ, Թուրքիա աշխատանք տարաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ. սեմինարներ, դասախօսութիւններ եւ համագումարներ կազմակերպեց` ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ, Հայկական հարցը սեւցնելու, խեղաթիւրելու եւ այլ ուղղութիւններու առաջնորդելու նպատակաւ: Կարծէք այս միջոցառումները չէին բաւեր, թրքական կառավարութիւնը օտար մամուլէն էջեր գնեց եւ հաղորդակցութեան միջոցները օգտագործեց` հակահայ եւ թրքանպաստ քարոզչութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ յոռի գոյներով ներկայացնելու Հայկական հարցը:

Թուրքիոյ կողմէ ձեռնարկուած այս հակահայ միջոցառումները, որոնք կը սահմանուին պետական ահաբեկչութեան ծիրին մէջ, ամբողջացան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր. կոմիտէի անդամ` ընկ. Աբօ Աշճեանի առեւանգումով, որ տեղի ունեցաւ երեք շաբաթ առաջ:

Մեր ընկերոջ առեւանգումը բազմակողմանի նշանակութիւն ունի` թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ հայկական չափանիշով:

Իբրեւ լիբանանցի, ընկ. Աբօ ջերմ ու հաւատաւոր պաշտպանն էր Լիբանանի ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան: Գլխաւոր դարբիններէն մէկն էր ան հայութեան կողմէ որդեգրուած եւ կիրարկուող դրական չէզոքութեան, որ իր լաւագոյն արտայայտութիւնը գտաւ Լիբանանի վերջին ութ տարուան ծանօթ դէպքերուն ընթացքին: Այս քաղաքականութիւնը այլազան առիթներով եւ բազում անգամներ գնահատանքի արժանացած է Լիբանանի մէջ գործող քաղաքական բազմաթիւ հոսանքներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ: Ուրեմն, Լիբանանի հայութենէն առաջ, լիբանանցի ժողովուրդը ի՛նք` բոլորէն աւելի` անհրաժեշտ է, որ դատապարտէ այս արարքը, որուն զոհը Լիբանանի ազգային համերաշխութեան ախոյեան մըն է:

Հայկական գետնի վրայ, ընկ. Աբոյի առեւանգումը նախանշան մըն է Թուրքիոյ զինուորական ազգայնամոլ կառավարութեան ա՛յն քաղաքականութեան, որ կը նպատակադրէ անգամ մը եւս Հայկական հարցը:

***

Հայ ժողովուրդը` ընդհանրապէս, եւ հայ երիտասարդութիւնը` մասնաւորաբար, իր քաղաքական ղեկավարութեան հանդէպ ունեցած հաւատքը կը հիմնաւորէ ա՛յն իմաստով, որ այդ ղեկավարութիւնը զանազան գաղութներու մէջ սփիւռքահայութիւնը պիտի պահէ մեր ազգային իւրայատուկ դիմագծութեամբ. այսինքն` թոյլ պիտի չտայ, որ հայ զանգուածները ապաքաղաքականացման եւ բնական ձուլումի ճամբով դադրին քաղաքական գործօն տարրը դառնալէ. պիտի չարտօնէ, որ հայութիւնը կորսնցնէ իր դատը հետապնդելու հնարաւորութիւնը. պիտի չձգէ, որ հնազանդ քաղաքացի ըլլալու դրական իրողութիւնը ժամանակի ընթացքին մեր ժողովուրդը վերածէ պարտուող եւ անդիմագիծ համայնքի մը, ինչպէս այն բոլոր համայնքներն ու ժողովուրդները, որոնք այսօր կա՛մ գոյութիւն չունին եւ կամ ալ զուրկ են իւրայատուկ դիմագիծէ:

Հակահայ տրամադրութիւններու եւ ճնշումի սաստկացման այս օրերուն, մենք` երիտասարդութիւնը, ճակատաբաց կը յայտարարենք, որ վախցողը չենք նմանօրինակ միջոցառումներէն: Վախ սերմանել ուզողներուն համար մեր երիտասարդութիւնը պարարտ հող չէ` այնքան ատեն որ ան կը հաւատայ ազգային ազատագրական պայքարի ճամբով վերատիրանալու իր իրաւունքներուն: Այս ճամբուն վրայ զոհեր տուած ենք անցեալին: Զոհեր կու տանք հիմա ալ, պիտի տանք նաեւ ապագային: Նոր չէ, որ կը կատարուի այս հաստատումը: Եւ արդէն պիտի չուզէինք, որ առանց զոհաբերութեան հասնէինք մեր նպատակին:

***

Այս նուիրական եւ հանդիսաւոր պահուն, ընկ. Աբոն իր առեւանգեալ վիճակով մեզի կը փոխանցէ իր պատգամը, որ ամբողջ հայութեան պատգամն է միեւնոյն ատեն: Մենք կը լսենք անոր ձայնը մեր հոգիներուն եւ սիրտերուն մէջ: Եւ որքան ալ գիտական ու գերարդիական միջոցները, բոլո՛ր միջոցները, ջանան լռութեան մատնել զինք, մենք անոր ձայնը որոտի մը նման կը լսենք հիմա:

Իբրեւ երիտասարդութիւն, մեզմէ իւրաքանչիւրը, անկասկած, կը ձգտի հերոսացման այս գաղափարին, որովհետեւ «մենք անկեղծ զինուոր ենք» բոլոր պայմաններուն տակ, եւ ի գին ամէն բանի` «ուխտած ենք ծառայել երկար ժամանակ»` մինչեւ որ իրականութիւն դառնայ Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանը:

Viewing all 12047 articles
Browse latest View live