Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12047 articles
Browse latest View live

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Ջուղայի Սրբապղծուած Հայկական Խաչքարերու Աղաղակը Եւ Ճգնաժամերը Յաղթահարելու Կամքը

0
0

(Հին Ջուղայի Հայկական Գերեզմանատան Ոչնչացման 12-Ամեակին Առիթով)

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին դիմագրաւած է բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Այդ մարտահրաւէրները դիմագրաւելուն մէջ թէեւ պատահած է, որ բազմատեսակ ու տարբեր բնագաւառներու մէջ տարուած աշխատանքին լարուածութեան պատճառով անոր ուժը սպառած է կամ երբեմն` թուլացած: Բնականաբար այս խնդիրը կը ծագի առաջնահերթ եւ երկրորդ կարգի իրագործուելիք ծրագիրներու գոյութենէն:

Բայց եւ այնպէս թշնամիի կամ հակառակորդի հետ մեր ունեցած որեւէ խնդիր պէտք չէ երկրորդական հարց սեպել կամ աշխատանքը դանդաղեցնել, մինչեւ այն ատեն որ այդ հարցը ներգրաւուած է Հայ դատի շրջածիրէն ներս: Ոչ նպատակադրուած ձեւով աշխատանքը դանդաղեցնելը թուլութեան նշան է, իսկ մոռացութիւնը` թշնամիին ժամանակ շահիլ տալ: Այլ խօսքով, թշնամիին առիթ տալ, որպէսզի խեղաթիւրելու եւ ապատեղեկատուութիւն տարածելու ոստոստում կատարէ:

Այստեղ, բնականաբար լուսարձակի տակ կ՛առնենք լրջօրէն համայն հայութիւնը յուզող, յուշող, խարազանող, մեզ զգաստութեան հրաւիրող խիստ կարեւոր, բռնագրաւուած Նախիջեւանի հիմնահարցը ընդհանրապէս եւ յատկապէս` Հին Ջուղայի հայկական գերեզմանատան հանդէպ գործադրուած սրբապղծումն ու մշակութային եղեռնը` ազրպէյճանցիներու կողմէ, որ ազգովին երբեմն մոռացութեան կամ երկրորդական հարցի վերածած ենք, այլ խօսքով` շրջանցած ենք:

Արդարեւ, կը թեւակոխենք համաշխարհային մշակութային ժառանգ եղող Հին Ջուղայի հայկական գերեզմանատան ոչնչացման 12-ամեակը: Անմիջապէս կը վերակենդանացնենք մեր յիշողութիւնը եւ մեր աչքերուն դիմաց կը թարմացնենք այդ օրերու պատկերը` Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ դատապարտումը, աշխարհի տարածքին Հայ դատի յանձնախումբերու եռուզեռը` զանազան երկիրներու դեսպաններու եւ կազմակերպութիւններու բողոքելու համար ընդդէմ գործադրուած ահաւոր ոճիրին ու բնաջնջման:

Հին Ջուղայի գերեզմանատան խաչքարերու ոչնչացման համար միջազգային ընտանիքի պետական եւ քաղաքական բոլոր անդամներն ալ միայն ըսին ու մինչեւ օրս հատուկենտ յիշեցումի համար միայն կ՛ըսեն` «Պէտք է դատապարտուի»: Հոս ուշադրութեան կը յանձնենք, որ «պէտք է դատապարտուի» եզրոյթը օրին օգուտ չունէր եւ չունեցաւ ալ, այստեղ կը պակսէր ճնշումը  Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն վրայ` անոնց կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութեան վերջ դնելու համար:

14-15 դեկտեմբեր 2005 թուականին Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կանխամտածուած եւ ծրագրուած ձեւով, ազրպէյճանական բանակին ուժերով Ազրպէյճանի մէջ գտնուող Հին Ջուղայի գերեզմանոցի հիմնայատակ վերջնական ոչնչացումը իրագործեց աշխարհի աչքին առջեւ: Այս մէկը բնականաբար վերջնական հարուած էր 10-րդ դարուն քանդակուած «խաչքարերուն», որոնք կառուցուած էին 6-էն մինչեւ 17-րդ դարերուն: Հայկական խաչքարերը ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ:

Ինչպէս ամբողջ աշխարհին յայտնի է, 1998-2006 թուականներուն ազերիները շինարարական ծանր մեքենաներով ոչնչացուցին Նախիջեւանի Ջուղա պատմական քաղաքին մէջ գտնուող հայկական գերեզմանոցը, ուր կային հազարաւոր արժէքաւոր խաչքարեր:

Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Հայաստանի տարածքին վրայ տեղի ունեցած սրբավայրերու եւ յուշակոթողներու հանգրուանային բնաջնջումէն ետք, Նախիջեւանի տարածքին յուշակոթողներու այս աննախադէպ եղեռնը մեր պատմութեան ու մշակոյթին համար երկրորդ մեծածաւալ ու անվերականգնելի կորուստը կը համարուի:

Հետեւաբար, Նախիջեւանի կցումը Ազրպէյճանին, զայն ապահայացնելու ծրագիրը եւ հայկական հազարաւոր յուշարձաններու քանդումն ու ոչնչացումը պարագայական քաղաքականութեան մը դրսեւորումը չէին եւ չեն նաեւ ամբողջ Նախիջեւանի տարածքին:

Այսօր ոչ մէկ ձայն կը լսենք Նախիջեւանի յուշակոթողներու մասին, չկայ այլեւս տագնապ, չկայ բողոք, եւ չկան այդ օրուան դատապարտումները, երբ չկան արդէն նաեւ մեր նախնիներու գեղաքանդակ, հրաշալի ու սքանչելի յուշակոթողները: Նախիջեւանի յուշակոթողներու պահպանութեան մասին այլեւս մտածելն ու խօսիլն անգամ արդէն աւելորդ է:

Կորուստը ահռելի էր, բայց այդ կորուստը միայն հայ ժողովուրդինը չէր: Համայն քաղաքակիրթ աշխարհին է, որ անդառնալի կորստեան փաստի առջեւ կանգնած է:

Բոլորը լուռ են, մինչ ազրպէյճանցիք արիւնաթաթախ ձեռքերով կը շարունակեն իրենց թրքավայել գործընթացը, մեծածաւալ խեղաթիւրումները, դատարկելու համար Նախիջեւանը իր հայկական ինքնութենէն: Արդ, համաթուրանական ծրագիրը միշտ առկայ է` ըլլա՛յ Ազրպէյճանի, ըլլա՛յ թուրք ղեկավարներուն մօտ:

Այսօր, ինչպէս սկիզբէն ի վեր, ազրպէյճանցիները պատմութիւնը խեղաթիւրելու շատ փորձեր կը կատարեն: Ուղղակի Նախիջեւանի տարածքին վրայ ոչնչացնելով ամէն ինչ, որ հայկական ծագում ունի եւ կը փաստէ հայկական հող ըլլալը:

Բայց զուր են այդ բոլոր ուրացումները, բոլոր խեղաթիւրումները, բոլոր հերքումները, զուր են ամէն խաբկանք ու կեղծարարութիւն, ի՛նչ աղբիւրներէ ալ բխին:

Ազրպէյճանցիները կայքէջերու ընդմէջէն օտար լեզուներով կը ներկայանան որպէս իրաւատէրը հայկական հողին:

Գառնուկի մեղկ, որբացած, խեղճուկ զաւկի մը պէս կը ներկայանան` խեղաթիւրուած քարոզչութեամբ, միազգային ընտանիքը ներգրաւելու, մոլորեցնելու եւ հայը թշնամի ցոյց տալու:

Սակայն ներքին քարոզչութիւնը ճիշդ հակառակն է` համաթրքութեան կոչեր, մոլեռանդութիւն, ցեղապաշտութիւն եւ անհանդուրժողականութիւն:

Այնուհետեւ, ի՞նչ կը կատարուի այդ առնչութեամբ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն մշակութային կոթողները ապահովութեան տակ կ՛առնէ՞, թէ՞ բնաջնջումի ականատես կ՛ըլլայ:

Այս առումով, չենք ուզեր վատ բան մտաբերել, սակայն մինչեւ օրս ի շահ հայ ժողովուրդին լաւ բան մըն ալ չտեսանք: Ո՛չ այդ քանդուած խաչքարերը համախմբել, ո՛չ ալ այդ գերեզմանատան մէջ հայկական խաչքար մը կանգնեցնել, փոխարէնը` խոստացուած էր խաչքարի մը զետեղումը, որ միայն պիտի խորհրդանշէր քրիստոնէութիւնը եւ ոչ թէ` հայկական ինքնութիւնը: Անշուշտ այդ մէկն ալ չիրագործուեցաւ:

Մշակութային մաքրագործումը կը շարունակուի, եւ նոր արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատճառած ոգիին. այս բարբարոսութիւնը կանխամտածուած արարք մըն է, որ կը բացայայտէ ատելութիւնը` երկար ատեն հալածուած ազգի մը հանդէպ:

Նախիջեւանի` Հին Ջուղայի հայկական յուշարձաններու աւերումը մշակութային ցեղասպանութիւն է եւ ոչ ուրիշ բան. արդ, այս մէկը ունէր համամարդկային տարողութիւն եւ ոչ թէ` համազգային:

Այս առումով, մենք իբրեւ հայ, արդեօք կրցա՞նք լարել մեր բոլոր ճիգերն ու հնարաւորութիւնները` սփիւռքի հեռաւոր ափերէն մինչեւ Հայաստան: Կը շարունակուի ազրպէյճանցիներու ատելութիւնը հայերու նկատմամբ, ու կը գերիշխեն` ազգայնամոլութիւնը, ցեղապաշտութիւնն ու համաթուրանական եւ համաթրքութեան կոչերը: Ազրպէյճանի դրօշի ներքեւ տեւական կատարուեցան ու կը կատարուին կոտորած, քանդում ու ոչնչացում` անհետացնելու ժողովուրդի մը անցեալն ու պատմութիւնը:

Վերջապէս, հայու սրտին մէջ տաղուած, բայց անոր ոտքին տակ գտնուող Նախիջեւանի հայկականութիւնը կարելի չէ ջնջել, այդ մէկը վստահաբար կախեալ է մեզմէ:

Կան հայկական զանազան կայքէջեր, որոնց մէջ կան հայոց պատմութեան եւ աշխարհագրութեան նիւթեր, սակայն կը պակսին հայկական Նախիջեւանի մասին տեղեկութիւններ, եւ կամ ընդհանրապէս չի գտնուիր Նախիջեւան երկրամասի անունը:

Նկատի առնելով, որ բանտարկուած մեր բնօրրանը` Նախիջեւանը եւս Հայ դատի անքակտելի մասնիկն է, «ՋՈՒՂԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՉՔԱՐԵՐՈՒ ՍՐԲԱՊՂԾՄԱՆ ԵՒ ՈՉՆՉԱՑՄԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ»-ուան 12-րդ տարելիցին առիթով, մեծ աշխատանք կը ծանրանայ հայ ժողովուրդի ուսերուն ընդհանրապէս, իսկ մասնաւորապէս երիտասարդէն կը պահանջուի հետեւողական լուրջ հետապնդում` ամբողջական յանձնառութեամբ, բոլորանուէր մասնակցութեամբ եւ զոհաբերութեան աննահանջ ոգիով:

Այս բոլորը վստահաբար կը նպատակադրեն ծրագրուած համահայկական լայն քարոզչական արշաւ` լրատուամիջոցներու, նամակարշաւներու, մամուլի եւ զանազան միջոցներով, որովհետեւ անոնք շատ լաւ կը կատարեն վերը յիշուածները:

Միւս կողմէ, Հայ դատի յանձնախումբերու ուսերուն մեծ պարտաւորութիւն է, որ մեր առաջնահերթ հարցերուն առընթեր, Նախիջեւանի հարցն ալ իրենց օրակարգի վրայ մշտական ուժի մէջ մնայ, որպէսզի ճնշում բանեցնեն Ազրպէյճանին, ինչո՞ւ չէ, նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին եւ այլ միջազգային ատեաններուն վրայ: Ճնշում բանեցնելով, պատասխանատուութեան ենթարկել Ազրպէյճանը` հայկական պատմական, մշակութային եւ կրօնական յուշակոթողներու ոչնչացման համար:

 

 


Օլիգարխիան Իր Էութեամբ Եւ Պատմական Փոխընտրութիւններով

0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Վերջին հրապարակումները կ՛ըսեն, թէ Հայաստանի հասարակական կեանքէն ներս ամրացած օլիգարխներուն թիւը այսօր արդէն կը հասնի յիսունի։ Յստակ չէ, թէ ինչպիսի՞ չափորոշիչներ օգտագործուած են այս քննարկման համար եւ թէ որքա՞ն վաւերական է այս թիւը։ Այնուամենայնիւ յստակ է մէկ բան։ Օլիգարխիան արմատացած երեւոյթ է մեր երկրին մէջ իր բոլոր բացասական դրսեւորումներով, ներառեա՛լ՝ իրմէ սերած քաղաքական մշակոյթը, որ այսօր տիրաբար կը տնօրինէ մեր երկրի կենսագործունէութեան գրեթէ բոլոր ոլորտները։ Հետեւաբար խիստ կարեւոր է, որ հայ քաղաքական միտքը մօտէն զբաղուի այս հարցով եւ սկսի բացայայտել օլիգարխիայի ներքին մեքենականութիւնը։ Եթէ ճիշտ է յիսունի հաշուարկը, ապա պարզ է, որ մօտ յիսուն հոգի, ինչ-ինչ միջոցներով, վերջին քառորդ դարու ընթացքին յաջողած են երկրի ներքին քաղաքատնտեսական տարածքը գրաւել եւ հաստատել իրենց խմբական տիրապետութիւնը ամենուրեք։ Եւ այս մէկը՝ ի հեճու՛կս մեր ժողովուրդի անօտարելի իրաւունքներուն։

Ես յաճախ խօսած եմ մենաշնորհային համակարգի գործած ճակատագրական աւերին մասին։ Պէտք չէ մոռնալ, սակայն, որ մենաշնորհային համակարգը տնտեսական ոլորտի երեւոյթ է միայն, որ այս պարագային կը յենի աւելի մեծ եւ համապարփակ տիրակալութեան մը, որ խարսխուած է երկրի քաղաքական դաշտէն ներս։ Երկրի բնական աղբիւրներուն, արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, փոխադրամիջոցներուն, հաղորդամիջոցներուն, զբօսաշրջութեան, ֆինանսներուն, ուժանիւթի պաշարներուն եւ տնտեսութեան այլ բանալի ճիւղերուն տիրապետելու գործը կը պահանջէ ամուր կամրջագլուխներ հաստատել քաղաքականութեան բեմէն ներս։ Եւ քաղաքական ուժի միջոցով մշտնջենաւորե՛լ տնտեսական մենաշնորհը եւ այս վերջինին ապաւինելով աւելի եւս ամրապնդել «սակաւ»ներու քաղաքական ուժը երկրին եւ ժողովուրդին վրայ։ Եւ այդ երկուքին փոխ-սնուցիչ ուժականութիւններով կառուցել անտեսանելի եւ անհպելի այն «վեհապետութիւնը», որ լայն չափերով եւ իրական կեանքի տուեալներով օրէնքի հասողոութենէն վեր կը գտնուի եւ որ նոյնինքն օլիգարխիան է։

Եւ անշուշտ յստակ զուգահեռ մը գոյութիւն ունի երկրի աղքատութեան ծաւալներուն եւ օլիգարխիայի երեւոյթին միջև։ Զուգահեռ մը՝ որ կը գործէ ներհա՛կ յարաբերակցութիւններով։ Որքան աւելի կ՛ամրանան սակաւապետական կարգերը երկրին մէջ, այդքան աւելի կը խորանայ աղքատութիւնը երկրէն ներս եւ այդքան աւելի կը ծաւալի աշխատունակ ուժերու գաղթը դէպի դուրս։ Քանի որ մենաշնորհային համակարգը, իր ներկայի վարքագծով, աշխատատեղերու ստեղծման բնականոն հոլովոյթէն դուրս կը գտնուի։ Եւ անշուշտ նորանոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը յայտնուին ազգային պաշտպանութեան գործը եւ«ազգ-բանակ» վարդապետութեան կիրառման հրամայականը։

Դժբախտաբար այս է պատկերը այն իրականութեան, որուն դէմ յանդիման կը գտնուինք ազգովին։ Այն իրականութեա՛ն՝՛ որ Սփիւռքի եւՀայրենիքի փոխ-յարաբերութիւնները հետզհետէ կ՛առաջնորդէ դէպի փակուղի եւ որուն վտանգը պէտք է անպայման կանխել։

Կասկած չկայ, որ մեր երկրի քաղաքացին այսօր ինքզինք կը գտնէ ծանր երկընտրանքներու առջեւ իր խղճի նժարներուն վրայ դնելով ոչ թէ լաւն ու վատը դէմ-դիմաց, այլ վատթարն ու վատթարագոյնը։ Մեզմէ ոչ ոք թող յաւակնի դաս տալ երկրի մեր ժողովուրդին, երբ մեր երկրի զաւակները զանգուածաբար դուրս կու գան երկրէն։ Մեծ սխալներ կը գործեն նաեւ ՀՀ Նախագահն ու ՀՀ Վարչապետը (եւ իրենց գունագեղ կուսակիցները), երբ իշխանական իրենց դիրքերէն – եւ չհիմնաւորուա՛ծ ընդհանրացումներով — կը դատեն աղքատ մարդոց կացութիւնը։ Երբ կը խօսուի երկրէն ներս գրեթէ 30 տոկոս համեմատութեան հասնող աղքատութեան ցուցանիշներու մասին եւ երբ ծնելիութեան եւ մահացութեան միաւորները կը գտնուին մեծ անհաւասարութեան մէջ եւ երբ բնակչութեան ծնելիութեան աճը ապահովող տարիքային շերտերն են, որ մեծամասնութեամբ կ՛արտագաղթեն, այս իշխանութիւնը լուրջ պատճառ ունի, առաջին հերթին, ինքնի՛ր գործունէութեան հաշուեկշիռը դնելու սեղանի վրայ եւ ինքզի՛նք դատելու եւ մանաւանդ սրտբացօրէն ու սրտցաւութեամբ խօսելու իր ժողովուրդին հետ։

Փաստը այն է, որ հաղորդակցութեան այդ ողջմիտ եզրերէն լայնօրէն զրկուած է մեր երկրի հասարակական համակարգը այսօր։ Մեծ եւ արդար ակնկալութիւններով, մեր ժողովուրդը իր քուէն տուաւ նոր սահմանադրութեան։ Այսօր, սակայն, կը պարզուի, որ սահմանադրութեան աւիշ ներարկող այն անգիր օրէնքը, որ կը կոչուի ընկերային (սոցիալական) պայմանագիր, կը շարունակէ մնալ լրջօրէն թերի։ Սահմանադրութիւնը ինքնաբերաբար կը պարպուի իր իմաստէն, երբ իրական կեանքի մէջ վարկաբեկուած է ընկերային պայմանագիրը։ Հարց տուէք դուք ձեզի, թէ ինչո՞ւ սահմանադրութեան կողմ քուէարկող մեր ժողովուրդը կարեւոր զանգուածով մը կը վաճառէ իր քուէն նոր խորհրդարանի ընտրութեանց մէջ։ Կը վաճառէ քանի որ կ՛անդրադառնայ, որ հակառակ սահմանադրութեամբ հաստատուած իր իրաւունքներուն՝ ինք իսկական քուէ չունի։ Կը վաճառէ, քանի որ ինք արժէք չի տար այն «քուէ»ին, որ ինք ունի։ Կը վաճառէ, քանի որ այդ քուէին դրամական «փոխարժէքը» շատ աւելին կ՛արժէ իր մտքին մէջ քան իր քուէն… Տնտեսագիտութեան մէջ յայտնի «անտարբերութեան կորագծերն» են, որ բնական բերումով կը սկսին գործել մարդոց փոխընտրութիւններու յստակացման մէջ ի փոխարէն խորքային հայրենասիրութեան լիազօրող ուժին։

Արժէզրկուած քուէն — ճիշտ ինչպէս արժէզրկուած դրամանիշը (փողը) – պիտի անպայման փոխարինուի…ան այլեւս քուէ չէ, այլ սոսկ ապրա՛նք եւենթակա՛յ՝ տնտեսական մարդու ամենէն շուկայական բնազդներուն։ Եւ այս այսպէս է, քանի որ հոն, ուր կայ օլիգարխիա, ժողովրդավարութեան գործիքները կը դադրին գործելէ եւ քաղաքացին կը դադրի քաղաքացիի պէս ապրելէ իր կեանքը։ Ի վերջոյ տեղի կ՚ունենայ ամէնէն ահաւորը, որուն անունը չենք ուզեր տալ։ Հայրենիքը՝ ի՛նք կ՛աժէզրկուի քաղաքացիի աչքին. ան հետզհետէ կը դադրի ըլլալէ քաղաքացիին ինքնութիւնը սահմանող գերարժէք եւ գործնականօրէն – այսինքն՝ արտագաղթի արարքո՛վն իսկ — կը «փոխանակուի» ինչպէս քուէ՛ն։

Ասոնք շատ ծանր խօսքեր են, բայց այս ծանր խօսքերը ըսելու ժամն է հիմա։ «Հաննիբալը մեր դռներուն առջևն է» եւ պատմական այս պահը իր ողջ ճգնաժամով կանգնած է մեր դէմ։ Ժամն է այս հարցերը դնելու մերկապարանոց եւ որոշելու, թէ որո՞նք են մեր առաջնահերթութիւններն ու փոխընտրութիւնները (այլընտրանք) այսօր։

Ես համոզուած եմ, որ Հայաստանը ունի իրական փոխընտրութիւններ, որոնցմէ ամէնէն պարզը – եւ սակայն՝ ամէնէն «ծախսատա՛րը» — յեղափոխութիւնն է։ Յամենայն դէպս երկրի մեր հասարակութիւնը, իր լայն զանգուածով, հեռու է այս ճամբան ընտրած ըլլալէ։ Ան ընտրած կը թուի ըլլալ արտագաղթի ճամբան։ Հետեւաբար օլիգարխիան յեղափոխութեան դէմ պաշտպանուելու մեծ խնդիր մը չունի այսօր։ Ան պիտի պաշտպանուի արտագաղթին դէմ…Եւ սակայն ներկայի տուեալներով օլիգարխիան բացարձակապէս անպաշտպան է այս վտանգին դէմ…Բացարձակապէս ձեռնթա՛փ… Առաւել նաեւայն՝ որ այս վտանգը աւելի դիւրաւ կրնայ զինք զգետնել, քան որեւէ այլ վտանգ, որ այսօր գոյութիւն ունի իր ռատարին վրայ։

Երկրորդ փոխընտրութիւնը օլիգարխիայի կամաւոր եւ արմատական ինքնայեղաշրջումն է։ Մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդումը՝ արմատական բարեփոխութիւններու նոր րեժիմի մը կիրառումո՛վ։ Պետական ազդու միջամտութեամբ եւ վերահսկողութեամբ մենաշնորհները պէտք է բերուին մրցակցային դաշտ եւ վերածուին րիսքային դաշտի մէջ վերապրող ձեռնարկատիրութիւններու։ Եւ պետութեան գործօն խթանումով՝ անոնք պէտք է մղուին վերաներդրումային (re-investment) առողջ քաղաքականութեան մը փոխանակ իրենց շահոյթը արտասահման փախցընելու։ Նոր ու որակաւոր աշխատատեղերու ստեղծման հոլովոյթը կախուած է այս արմատական միջոցառումներէն։ Արտագաղթի տարերային ընթացքը զսպելու եւ զայն շրջելու միակ տարողունակ ձեւը նոր ու որակաւոր եւ արտասահմանեան այլընտրանքներուն հետ մրցունակ աշխատատեղերու ստեղծումն է եւ նշանակալի ծաւալներո՛վ։ Հայաստանը լիովին ի վիճակի է վերաներդումային այս տեղաշարժը մէջտեղ բերելու։ Այդ տեղաշարժը արուեստականօրէն խափանուած է այսօր մենաշնորհային համակարգի մեղքով, որ օլիգարխիայի մեղքն է։

Յօդուածի մը սահմանները շատ նեղ են այս թեքնիք հարցերու մասնագիտական քննարկումը ընելու համար։ Բաւարարուինք միայն ըսելով, որ օլիգարխիայի ինքնայեղաշրջման գործընթացը չի կրնար մակերեսային ըլլալ։ Ան պիտի ըլլայ խորքային եւ կենսափոխիչ եւ պիտի պահանջէ քաղաքական հզօր կամք։ Ան պիտի ցաւցնէ, որպէսզի կարողանայ բուժել։ Ցաւազերծ լուծումներ չկան։ Ցարդ ցաւողը ժողովուրդն էր։ Եւ ժողովուրդը «լուծեց» իր հարցը բռնելով արտագաղթի ճամբան։ Եկած է ժամանակը, որ օլիգարխիան՝ ի՛նք ընդունի ցաւը իր իսկ մարմնին վրայ եւ կառավարէ այդ ժամանակաւոր ցաւը իմաստութեամբ՝ փրկելու համար ինքզինք եւ երկրի ապագան։

Հարց պէտք է տալ, թէ օլիգարխիան ինչո՞ւ պիտի ուզէ այս քայլերուն դիմել… երբ այսօր տէրն է ամէն ինչին։ Պատասխանը շատ յստակ է։ Օլիգարխիան ընդամէնը պատրանքի մը տէրն է, եթէ կը կարծէ, թէ ինք տէրն է ամէն ինչին։ Այն ինչը, որ կայ, ընդամէնը կրկներեւոյթ մըն է առանց երկրէն ներս գործող եւ ամուր հիմերու վրայ դրուած ընկերային պայմանագրի մը։ Օլիգարխիան կրնայ ամէն «ինչ» ունենալ, բացի ժողովուրդէն…առանց որուն ոչինչ իսկապէս գոյութիւն կրնայ ունենալ։

Հետեւաբար օլիգարխիայի տէրերը պէտք է արագօրէն իջնեն իրենց յաւակնոտ նժոյգներէն եւ հաշուի նստին ժողովուրդին հետ։ Եւ արդէն ՀՀ Նախագահը ինքնայեղաշրջման այս մեծ հրամայականի նախապայմանները կարեւոր չափով առանձնացուցած է Փետրուար 12, 2016ի եւ Մայիս 18, 2017ի իր ծաւալուն ելոյթներով։ Այդ ելոյթները դժբախտաբար մոռացութեան տրուած են վաղուց։ Որմէ պէտք է հետեւցնել, որ անոնք ընդամէնը տեսական մարզանքներ էին հանրային կարծիքը բաւարարելու միտող։ Թէ ի՞նչ պատահեցաւ անոնց բանաձեւման բովին մէջ եւ թէ ի՞նչ տեղ կը գրաւեն անոնք օլիգարխիայի հաւաքական մտածողութեան մէջ, այդ մասին թող վաղուան արխիւները խօսին։ Այսօրուան հրամայականն է խօսքէն անդին անցնիլ ամէնէն վճռական քայլերով։

Հիմա ժամանակն է, որ պետութիւնը հրապարակ իջնէ ինքնիր մշակոյթը յեղափոխող աշխատանքային ծրագրով եւ վճռական քաղաքականութեամբ։ Օլիգարխիան պիտի դադրի օլիգարխիա ըլլալէ եւ իր տեղը զիջի հանրութեան։ Ժամանակն է, որ հանրութեան պետութիւնը սկսի գործել համարձակօրէն եւ տնօրինել իր ճակատագիրը։ Եւ իր ամէն մէկ արարքով բարոյապէս լիազօրէ քաղաքացի՛ն։ Այլ ելք գոյութիւն չունի։

Դեկտեմբեր 19, 2017
Ուաշինկթըն

Գրողի Անկիւն. Նոր Տարի Եւ Ուրիշ Բաներ

0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ օրերուն հազիւ-հազ այս երկրին մէջ տեղաւորուած էինք, եւ արդէն Thanksgiving Day- «Գոհաբանութեան օր» կոչուած արձակուրդը հասած էր, իսկ անոր յաջորդ օրն իսկ, երբ տակաւին նոյնիսկ հնդկահաւակերութեան ընթրիքի ամանները չէինք տեղաւորած, մեր տունէն ներս յանկարծ տարրօրինակ հարց մը կը ծագէր: Անծանօթ եւ նոյնքան ալ` աղմկալից:

Այս մէկը մեզի նորեկներուս համար իրապէս  նորութիւն էր: Ու իբրեւ արդարացում` մեզի բացատրուեցաւ, որ «եղածը» տեղական սովորութիւններէն ծնած պարզ հարց մըն էր: Մեր զարմիկներէն մէկուն` անմեղ հարցումներէն մէկը:

– Ո՞ւր եւ կամ ինչպէ՞ս պիտի անցընենք այս նոր տարին:

Ու վայրկեանին մէկ շունչով արտասանուած այս նախադասութիւնը մեզ բոլորս իրար խառնած էր ու ձեւով մըն ալ` մեր տան սանկ-նանկ անդորր իրավիճակը խանգարած:

Անկեղծօրէն ըսելով` այդ միջոցին ոչ ոք յստակ պատասխան մը ունէր իր մտքին մէջ: Ուղղակի խառնարան: Մէկը Լաս Վեկաս կ՛ուզէր անցընել, ուրիշ մը` իր ընկերոջ տունը, այն միւսը` իր զոքանչին հետ, աւելի համարձակ մը` յատուկ սրահ մը վարձել կ՛առաջարկէր, անդին միւսը` այնպայման դուրսը անցընելու իր տեսակէտը առաջ կը քշէր: Իսկ ես, ըստ ինծի հետ բերած ու շալկած աւանդութիւններուս, «տունը անցընել»: Ու ամէն մէկս ունէր իր յստակ պատճառաբանութիւնը: Իր համոզիչ տեսակէտը: Նոյնիսկ` դիմացինին առաջարկին ժխտական կողմերը շուտով բացայայտելու վարպետութիւնը: Այլ խօսքով` իրը ծախելու ճարպիկութիւնը:

Մանկական խաղի նմանող բան մըն էր կարծես, որուն «տագնապ ստեղծող» անունն ալ կրնայ տրուիլ, եւ որուն արդար եւ համերաշխ լուծումը օրեր սկսած էին խլել: Ու այդ օրէն ետք ժամանակը սկսած էր արագավազ սահիլ: Օրերը արագօրէն կը հալէին, եւ` ոչ մէկ ծրագիր եւ կամ շինիչ առաջարկ: Այս ընթացքով պիտի նշանակէր` ուշացում եւ յետոյ, «մէջտեղ պիտի մնանք»-ի պատրուակ մը…

Ըսի, չէ՞ տեղին ու կարգին հարցում մը, որ տակաւին քիչ ժամանակ առաջ մեր հին քաղաք ծննդավայրին մէջ ոչ միայն չէինք կրնար արտայայտել, ըսել, այլեւ` նոյնիսկ մտածել ու կամ մեր մտքէն անցընել:

Հոն` այդ հին ու օրհնեալ քաղաքին մէջ, ուր աւանդութիւնները իբրեւ սրբութիւն եւ տոհմիկ սովորութիւնները իբրեւ գերագոյն լուծում եւ միջոց կը գործադրուէին, նման հարց գոյութիւն չէր կրնար ունենալ:

Հաւատացէ՛ք` անոր ծնունդն իսկ վիժումի կը դատապարտուէր: Որովհետեւ…

Էրնէ~կ այդ օրերուն…

Որովհետեւ հոն մեծ կամ մեծեր կային: Որովհետեւ հոն մեծերը մե՛ծ էին ու փոքրերը փո՛քր, եւ ակնածանքն ու յարգանքը մարդոց առօրեայ կենցաղին մէջ ունէր իր արդար եւ հաստատ բաժինը:

«Ինչպէ՞ս կամ ո՞ւր պիտի անցընենք Նոր տարին դիմաւորող գիշերը» մեր երազին մէջ նոյնիսկ չէինք կրնար… Հո՛ն նման հարց կամ հարցում գոյութիւն չունէր: Տունը կ՛անցընէինք: «Մեծ»-ին տունը: Ազգականական կապի ներկայացուցիչ` մեծին տունը, ու շատ հաւանաբար մեր թիւին վրայ այդ գիշեր նաեւ կ՛աւելնար մեր մտերմիկ ընկերներէն եւ բարեկամներէն քանի մը հատը, անոնք, որոնք ակամայ զրկուած էին ազգականներէ: Այդ գիշեր ընտանիքը հոն էր` նոյն այդ մեծին տան սեղանին շուրջը հաւաքուած, բոլորուած, խմբուած:

Աւանդական սեղան` իր հարազատ սեղանակիցներով:

Հո՛ն նախ կ՛ընթրէինք եւ ապա ճաշասեղանը կը վերածուէր պտղասեղանի, որուն վրայ կ՛աւելնային օրուան անբաժան զարդարանքները` կաղինը, ընկոյզը, չամիչն ու թուզը:

Մեծերը օղիով կը գոհանային, իսկ մենք` ջուր կամ պտուղի հիւթով: Միւս կողմէ` վառարանին վրայ շագանակի «պայթումներուն» մեր ձայներն ալ ազգային եւ կամ ժողովրդական երգերով կ՛ընկերանային: Այսպէս, քիչ մը ուտելով, քիչ մը «թղթիկ» խաղալով, քիչ մըն ալ երգելով եւ կատակելով եւ մանաւանդ «Երեւանն է խօսում»-ը մտիկ ընելով` կը դիմաւորէինք Նոր տարին, որուն ժամանումն ու գալուստը կը յայտարարուէր մեր տան պատին վրայ հնամեայ ժամացոյցի ծանր զարկերով եւ ձայնասփիւռի տեղական կայաններու ալիքներով:

Յետոյ…

Ապա, ժամը 12-էն մէկ երկու երեք վայրկեաններ առաջ, լոյսերը կը մարէինք ու Նոր տարին լոյսեր բանալով կը դիմաւորէինք: Նախ վայրկեանին խմբովին ու բարձրաձայն «Հայր Մեր» մը կը սկսէինք, որմէ ետք փոքրերս եւ կամ պատանիներս երկիւղով մը կը համբուրէինք մեծին կամ մեծերուն աջերը ու այս ձեւով Նոր տարուան առաջին իսկ վայրկեանին կը ստանայինք անոնց բարեմաղթանքներն ու համով-հոտով օրհնութիւնները: Ապա կը յիշուէին մեզմէ յաւերժ բաժնուածները: Պահ մը լուռ կը մնայինք, անոնց յիշատակը կը վերապրէինք եւ ապա վերադառնալով ներկային եւ  իրականութեան` կը շարունակէինք մեր կերուխումը, երգն ու պատումը` առանց մոռնալու սակայն, որ քանի մը ժամեր ետք պէտք էր, որ եկեղեցի երթայինք` Աստուծոյ հետ Նոր տարուան առաջին օրն իսկ մեր կապը վերամրապնդելու, մեր հոգիին ու խղճին տուրքը տալու, աղօթքով մը եւ մոմ կամ մոմեր վառելով:

Այդպէս էր հոն, այդպէս ալ մնաց` հակառակ մեծերու բացակայութեան:

Ու վերջը, տարիներ յետոյ… Ամերիկա կոչուած այս «Աւետեաց երկիր»-ը մեր հաստատուելուն առաջին «նոր տարիներն» ալ այդպէս կրկնուեցան, կամ փորձեցինք կրկնել:

Դժուարին աշխատանք մըն էր եւ սակայն գէշ-աղէկ կատարեցինք, որովհետեւ մեզի հետ բերած ու մեր մտքերուն ու հոգիներուն մէջ լեցուած այդ թարմ եւ գեղեցիկ աւանդութիւնները տակաւին տաքուկ պահած էինք:

Յետոյ, քանի պզտիկները մեծցան, կարծես այդ մէկուն թարմութիւնն ալ անցաւ, եւ մեր սովորութիւնը կորսնցուց իր հմայքը: Ու ինքնակամ, մեր իսկ ձեռքերով եւ մեր իսկ տուած որոշումներով, նոյն այդ սովորութիւններն ու աւանդութիւնները կամովին բանտեցինք ու բանտարկեցինք մեր միտքերու թանգարաններուն մէջ:

Ու հիմա… հոս, դարձեալ «նոր տարի» է…

Բայց չմոռնանք սակայն, որ եթէ նախապէս հոն Նոր տարին դիմաւորող գիշեր մը ունէինք իբրեւ սրբազան ընթրիք կամ հաւաքոյթ կամ ազգականական ու բարեկամական հանդիպում եւ մեկտեղում-հաւաք, հո՛ս, սակայն, անոր վրայ աւելցած էին կամ ինքնաբերաբար տեղայնական հոսանքին հետեւելով աւելցուցած` «Գոհաբանութեան օր»-ը, «Քրիսմըս»-ը, անհատնում տարեդարձներու նշումները, շրջանաւարտներու հաւաքոյթները, նշանտուքներն ու հարսանիքները եւ հարսանիքի դրսեւորումով հոգեճաշերը, «պէյպ»-ի կամ «պրայտըլ շաուըրները»…

Ահա՛ քեզի Ամերիկա:

Այսպիսով, մեր ցանկը «գիրցաւ», երկարեցաւ, լայնցաւ, մեծցաւ մեր գրպաններուն ծախսերուն հետ ու օրէ օր սկսանք դառնալ հետեւող, զիրար կապկող եւ, վերջապէս ինքնաբերաբար անիմաստ եւ սակայն լուռ մրցակցութան մը մասնակից դառնալով:

Մէկ խօսքով, մենք ալ «ինկանք այս բոլորին ծուղակը»: «Հապը կլլած էինք»…

Բայց յիշեմ նաեւ, որ այս բոլորին տրամաբանական շարունակութիւն` օր մը քաջաբար որոշեցինք Նոր տարին «դուրսը անցընել», մեծ սրահ մը, ուրիշներու հետ, պարահանդէսի նմանող բանի մը պէս եւ կամ` ձեւով:

Մենք զմեզ համոզեցինք` կրկնելով, որ` «տունը շատ յոգնեցուցիչ է», «մէկ հոգիի գործ չէ», «կերածնի՞ս ինչ է որ, պատառ մը հաց, եւ ամբողջ շաբաթ մը պէտք է աշխատէինք ու պատրաստուէինք», «չ՛արժեր տունը նստիլ», «դուրսը լաւ է, հանգիստ կ՛ընես», «տունդ չ՛աղտոտիր» եւ այլն, եւ այլն բազմազան եւ բազմաշերտ արդարացումներով: Մէկ խօսքով` պատճառաբանութիւններ եւ ինքնահամոզումի  պատրուակներ:

Ու ի՛նչ մեղքս պահեմ, արդարացուցիչ կամ ոչ, մենք ալ ընտանեօք տարի մը ինկանք այդ հոսանքին մէջ, երբ որոշեցինք ուրիշներու հետ եւ ուրիշներու պէս «դուրսը» տօնել:

Կը յիշեմ այդ «օրհնեալ» օրը, երբ արագ մը որոշեցինք մօտիկ ազգականներով Նոր տարուան ձեռնարկի մը երթալ: Մեզ «թխմեցին» հսկայ սրահի մը մէջ, ինչպէս որ սպանդանոց տարուելիք ոչխարները կը թխմեն շոգեկառքի վակոններու մէջ: Համակերպեցանք: Ուրիշ ընելիք չունէինք: Ահագին «դրամ» տուած էինք: Ու Նոր տարուան սիրոյն լռեցինք: Վերջը անօթի մնացինք, որովհետեւ կազմակերպողները արդարացան` ըսելով, որ «կերակուրը չհերիքեց» մեծ թիւով ներկաներու պատճառով:

Ու այդ օրէն ի վեր երդում ըրինք, որ նման սխալ պիտի չկրկնէինք:

Սակայն յաջորդ տարի կրկնեցինք` նոյն ինքնարդարացումի կէտերէն մեկնած, նորէն «ինկանք ծուղակը»: Ու վերջապէս որոշեցինք, որ ասկէ ետք, ամէն տարի ազգականի մը տան մէջ հաւաքուիլ` ազգականական կապը պահելու, մեր կերածն ու խմածը  եւ մանաւանդ մեր խօսածը հասկնալու համար:

Ու հիմա, այս օրերուն, կրկին նոյն հարցումը:

Նորէն ինկած ենք անորոշութեան գիրկը, որովհետեւ մեր ազգականներէն մէկը միտքը փոխած է, «խոստումնադրուժ» եղած է ու իր շրջապատը նետած` բոլորիս ծանօթ անորոշութեան գիրկը:

«Լաս Վեկաս անցընել», «տունը մնալ», «սրահ» կամ «դուրս երթալ», այսպէս, խառն առաջարկներ կրկին անգամ մեզ շուարումի կը մատնէին: Ուստի մեզի կը մնար ներկայացուած առաջարկներու համադրումը կատարել:

Օրերը կը սահէին մանաւանդ Ամերիկայի մէջ, ուր ամիսները շաբաթներու նման կը հալին:Ու մեր տալիք որոշումը ինքնաբերաբար կ՛ուշանար:

Օրէ օր առաւել եւս կը յստականար, որ մեր նախկին սովորութիւններն ու աւանդութիւնները արդէն իսկ մենք կամովին գերեզմանած էինք:

Բայց այս տարի, ինչ որ ալ ըլլայ մեր որոշումը. կրկին «Շնորհաւոր Նոր տարի եւ բարի կաղանդ» բոլորիդ:

 

 

Տպաւորութիւններ` Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհ. Ժողովէն

0
0

ՄԻՀՐԱՆ Ք.

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհարանի դահլիճը վերածուած է ընդարձակ ժողովասրահի, ուր մէկտեղուած են բոլոր թեմերէն ժամանած շուրջ հարիւր երեսուն ժողովականներ` առաջնորդներ, իրաւասու ձայնով պատգամաւորներ, միաբաններ, հրաւիրեալներ, զեկուցողներ, որոնք չորս օրերու ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի դնեն կաթողիկոսութեան ու անոր թեմերուն քառամեակի գործունէութիւնը եւ աշխատանքի նոր ուղի պիտի ճշդեն յառաջիկային համար:

Իւրաքանչիւր պատգամաւորի տրամադրութեան տակ դրուած են կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան քաղաքական ու կրօնական ժողովներու, ինչպէս նաեւ թեմերու քառամեայ գործունէութեանց տեղեկագիրները` ծաւալուն ու անջատաբար կազմուած ու գիրքի վերածուած երեք հատորներ` շուրջ 500 մեծադիր էջերու հանրագումարով:

Հինգ հարիւր մեծադիր էջեր, որոնց վրայ գումարած անոնց բովանդակութիւնը` բաւարար են արդէն, որ լիովին արժեւորուած համարուի անցնող քառամեակը,երբ մանաւանդ կաթողիկոսութեան բազմակողմանի գործին ծաւալն ու տարածքը եւ կենդանի շունչը թեմերէն անդին կ՛անցնին եւ ինչպէս բացուած գիրք` ծանօթ են բոլորի՛ն, ամբո՛ղջ հայութեան:

Աճապարանքով կատարած այս գնահատումիս կը յաջորդէ անձկութիւն մը: Հի՜նգ հարիւր էջ: Ժողովի բնականոն ընթացքը եւ իբրեւ հիմքը քննարկումի` տեղեկագիրներու ընթերցում-ներկայացումը կ՛ենթադրեն, ինչ որ կը շշմեցնէ զիս: 500 էջի ընթերցում: Մտովի կը պատկերեմ ժողովասրահը` տաղտկալի  ընթերցարանի վերածուած եւ յօրանջող-մրափող ժողովականներ… Բայց վեհափառին բացման աղօթքէն ու ներածական խօսքէն ետք կը փարատի անձկութիւնս:

Մեծադիր պաստառի վրայ կենդանի խօսքով ու պատկերով կը ներկայացուի համադրուած խտացումը տեսագրուած քառամեայ գործունէութեան, որ աւելի պերճախօս է, աչքին ու ականջին աւելի հաճելի եւ մանաւանդ` ժամանակի խնայողութիւն:

Ահա՛ արհեստագիտութեան բարիքը: Մեզի ինչե՜ր կը պարգեւէ արհեստագիտութիւնը, յատկապէս անոր նորագոյնը` համաշխարհայնացած ընկերութեան առանցքը` համացանցը: Որքա՜ն օգտակար կրնայ ըլլալ ատիկա մեզի պէս համաշխարհայնացած, ամբողջ աշխարհի մէջ ցրուած ազգի համար, եթէ հայօճախները հմտօրէն օգտագործեն զայն, «armenian social media»-ներու մեքանիզմներ ստեղծեն ու գործարկեն` սերունդին ազգային զգացողութիւնը արթնցնելու-խթանելու նպատակով,- կ՛ըսեմ ես ինծի:

Ցուցադրուած ժապաւէնէն կը ցոլան կաթողիկոսութեան ծաւալուն ու բազմամակարդակ իրագործումները տարաբնոյթ բնագաւառներու մէջ` կրօնական, կրթադաստիարակչական, քարոզչական, շինարարական, յարաբերական, քաղաքական, վարչարարական, Հայ դատի հետապնդման եւ այլ մարզերու մէջ: Նշանակալից են թեմերուն տուած վեհափառին հովուապետական այցելութիւնները, Արցախի անվտանգութեան համար ցուցաբերած զօրակցութիւնը, ամբողջ քառամեակին Սուրիոյ հայութեան տուած նեցուկը` թէ՛ բարոյական եւ թէ. գործնական, շօշափելի օժանդակութեանց իմաստով: Ընդհանուրին մէջ` քառամեայ արդիւնաւէտ գործունէութիւն, որուն ներշնչումն ու նախաձեռնութեան ոգին յայտնօրէն վեհափառէն կը բխին, ինչպէս նաեւ աշխատանքները իրմով կը սկսին եւ իրմով ալ կ՛աւարտին…

Ժողովական նախապատրաստութիւնը կատարեալ է, ամէն բան` բծախնդրօրէն նախատեսուած, կը հաստատեմ:

Զարմանք կը պատճառէ քննարկուող հարցերուն առատութիւնը: Լայնօրէն բացուած կարկինով մը օրակարգի դրուած են ազգային,կրօնադաստիարակչական, ընկերային (նոյնիսկ քաղաքական) մեծ ու փոքր զանազան խնդիրներ, որոնք այս կամ այն ձեւով կ՛առնչուին ազգին ու եկեղեցիին: Սեղանին կը դրուի մինչեւ իսկ արդի ընկերութիւնը յուզող միասեռականութեան նկատմամբ Հայ եկեղեցիի դիրքորոշումը յստակացնելու անհրաժեշտութիւնը եւ այլն:

Հարցերու առատութիւնը եւ զեկուցումներու յաջորդականութիւնը երբեմն կը յոգնեցնեն ու անհամբեր կը դարձնեն զիս` դադարի պահերուն սպասումով: Միաժամանակ կը գիտակցիմ, որ դրուած ու քննարկուող խնդիրներուն ամբողջութիւնը կը միտի Հայ եկեղեցիին ու հայրենիքի ամրացման, նորահաս սերունդը ազգին ու ազգայինին կապելու նպատակին, հայօճախները մղելու, որ վերակազմակերպուին ու կենսագործ կառոյցներով օժտուին:

Ընդհանուրին մէջ թելադրական է ժողովական պատկերը : Բոլորը` բարձրաստիճան եկեղեցական թէ նորօծ աբեղայ, առաջնորդ թէ պատգամաւոր կամ հրաւիրեալ, հարուստ թէ աղքատ, տարեց ու երիտասարդ, գիտնական թէ արհեստաւոր, հոս հաւասար են իրարու, ժողովական նոյն կանոնին ու ժամանակացոյցին ենթակայ, նոյն իրաւունքներով ու պարտաւորութիւններով: Որքա՜ն գեղեցիկ պիտի ըլլար կեանքն ալ, եթէ ժողովական այս կարգ ու կանոնը կիրարկուէր նաեւ առօրեայի կենցաղային յարաբերութիւններու մէջ, կը մտածեմ:

Փակումի «Պահպանիչ»-էն ետք, սրահէն դուրս ելլելու պահուս ժողովակից բարեկամի մը կ’ըսեմ. «Այս քառօրեան Ազգային ընդհ. ժողով մը ըլլալէ առաջ ու  վերջ թեմերուն` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան  կառչած ըլլալու եւ մնալու վկայութիւնն է եւ անոր հանդէպ  հաւատարմութեան արտայայտութիւն…

 

 

ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերն Ու Գրասենեակները Վերածուած Են Արցախի Հանրապետութեան Դեսպանութիւններու*

0
0

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Այս օրերուն Դաշնակցութեան աշխարհատարած կառոյցները կը նշեն Դաշնակցութեան օրը կամ անոր հիմնադրութեան 127-ամեակը:

Այս նշումներուն տարեվերջին համընկումները, պարզ տրամաբանութեամբ, տարուան կտրուածքով իրագործուածն ու չիրագործուածը լոյսին բերելն է, պատմական հէնքի վրայ ժամանակակից իրադարձութիւններուն Դաշնակցութեան բերած ներդրումը արժեւորելը, բայց մանաւանդ, այդ բոլորէն մեկնած, հետագայ իրադրութիւնները ուղենշելը:

Աւանդոյթի վերածուած Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւններու ընթացքին պէտք է յաղթահարել ինքնագնահատական տալու փորձութիւնը: Ի վերջոյ ժամանակը, պատմութիւնն ու ժողովուրդը իրենք են իրադարձութիւններուն գնահատական տուողը եւ ըստ այնմ քաղաքական այս կամ այն ուժին հանդէպ վստահելիութեան վարկանիշ ապահովողը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրուան ներկայ  նշումը թէ՛ ժամանակի եւ թէ՛ միջավայրի առումով պարտաւորեցնող է: Նախ, ժամանակի առումով, մենք ազգովին կը նախապատրաստուինք մուտք գործել յոբելենական այնպիսի տարի, որ պիտի նշէ մեր պետականութեան վերականգնման, մեր անկախութեան ձեռք բերման եւ մեր հանրապետութեան կերտման հարիւրամեակը: Եւ երկրորդ, այս տօնակատարութեան վայրը` Արցախ աշխարհը, սերտօրէն կ՛առնչուի պետականութեան կերտումի, անոր հրամայական անհրաժեշտութեան եւ անոր փոխանցած խուրհուրդներուն ուղղութեամբ կիզակէտային նշանակութիւն ներկայացնելու հանգամանքներուն:

Եւ եթէ կ՛ընդունինք, որ մայիսեան դիւցազնամարտերու ապահոված յաղթանակին վրայ կառուցուեցաւ եւ կերտուեցաւ հանրապետութիւնը, ապա համոզիչ ձեւով կը մտածենք նաեւ, որ արցախեան ազատամարտին եւ անոր ապահոված յաղթանակին ու ազատագրումին վրայ յենուեցաւ նաեւ մեր վերանկախացումը` հայոց անկախ ժամանակակից պետականութեան վերականգնումը: Արցախեան ազատամարտը ոչ միայն ապահովեց Արցախի Հանրապետութեան կայացումը, այլ երաշխաւորեց Հայաստանի անկախ հանրապետութեան վերականգնումը:

Ահա պատմական եւ ժամանակակից հանգամանքներու այս նկատառումներով է, որ եզակի ու բացառիկ տարազ կը ստանայ Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը ներկա՛յ ժամանակին, ներկա՛յ վայրին մէջ:

Դաշնակցութիւնը 1918-ի մայիսեան յաղթանակներուն հայ կեանքի իբրեւ ամենակազմակերպ ուժը` յաջողեցաւ համախմբել հայութիւնը, մղել ճակատամարտերը եւ Հայոց ցեղասպանութենէն ընդամէնը միայն երեք տարի ետք հռչակել հանրապետութիւն եւ կերտել ազատ ու անկախ պետութիւն: Եւ Դաշնակցութիւնը նոյնպէս  արցախեան ազատամարտի առաջին փուլին մասնակից առաջնային ուժերու շարքին թէ՛ ռազմական առումով եւ թէ՛ առաջին խորհրդարանի ձեւաւորման մէջ ստանձնած կարեւորագոյն դերակատարութեամբ պատուով կը կանգնի նաեւ Արցախի պետականութեան կերտման ակունքներուն: Այդ ճամբով նաեւ արդարօրէն կը համարուի, Արցախի պետականութեան անշրջանցելի երաշխաւորութեան նկատառումով, Հայաստանի վերանկախացման եւ պետականաշինութեան աշխատանքներուն հիմնական ներդրում ապահոված կուսակցութիւն:

Հետեւաբար թէ՛ օրուան նշումը, թէ՛ ժամանակը եւ թէ՛ վայրը կը թելադրեն հաւանաբար ամենաշատ կեդրոնանալ Դաշնակցութեան պետականաստեղծ կուսակցութիւն ըլլալու եզակի հանգամանքներուն վրայ:

Իրաւամբ, պետութիւնը նկատուած է ազգի մը կազմակերպուածութեան բարձրագոյն աստիճանաչափը, որուն վերականգնման, պահպանման եւ զարգացման համար ահաւասիկ աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր կը պայքարի հայ ժողովուրդի ազատագրման առաջնորդ կուսակցութիւնը:

Այս հիմնաւորումներով է , որ Դաշնակցութիւնը հակառակ տարաբնոյթ պայմաններու մէջ գործելուն` Ա. հանրապետութեան օրերուն իբրեւ իշխանութիւն, խորհրդայնացման օրերուն իբրեւ տարագիր դարձած կուսակցութիւն, վերանկախացման առաջին օրերուն եւ առաջին վարչակարգի ժամանակ հալածուած եւ  հարկադրաբար ընդդիմութիւն դարձած կուսակցութիւն, աւելի ուշ իբրեւ քոալիսիոն կառավարութիւններու անդամ թէ անոնցմէ դուրս գտնուած ժամանակներուն` պետականութիւն հասկացողութիւնը համարեց գերագոյն ուղղութիւն եւ ինչ կարգավիճակի մէջ ալ որ գտնուեցաւ , գործեց անկախ պետականութեան պահպանման ու անոր զարգացման համար ուղիներ հարթելու առաջադրանքներով:

Մեր զոյգ հանրապետութիւններու կենսագործման ապահովման համար հարթելի ուղիները միեւնոյնն են եւ մէկը միւսին հետ` գերազանցօրէն փոխկապակցուած: Անվտանգութեան ռազմավարական խնդիրներէն մինչեւ տնտեսական զարգացման միջոցներ, կրթութեան ոլորտէն մինչեւ աշխատանքի ապահովման մեթոտներ ու, տակաւին, աղքատութեան յաղթահարման ծրագիրներէն մինչեւ արտահոսքի կասեցման միտումներու կայացման առաջադրանքներ` անտարանջատելի թղթածրարներ են, որոնց լուծման համար համահայկական մարդուժի ներգրաւումը աւելի քան անհրաժեշտութիւն է:

Իսկ համահայկական մարդուժի համախմբան եւ մասնագիտական ոլորտներու համար նպատակաուղղուած հաւաքագրման գործընթացներուն  Դաշնակցութիւնը բազմաթիւ իմաստներով փաստած է, որ համակարգում, ներդրում ու մասնակցութիւն ունենալու տեսակէտէն, իբրեւ աշխարհատարած կուսակցութիւն, առաջին հորիզոնականի վրայ է:

Աշխատանքները, անոնք վերաբերին արցախեան ազատամարտի օրերուն կազմակերպուող զօրակցական ցոյցերուն, թէ Միացեալ նահանգներու կամ Եւրոպայի մէջ ապահովելիք քաղաքական ենթահողի պատրաստութեան, լոպիստական աշխատանքներուն թէ վերաբնակեցման ծրագիրներուն: Տակաւին, օտարազգի պետական դէմքերու  այցելութիւններու կազմակերպումներ, համաշխարհային տարողութիւն ունեցող լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու ժամանում եւ առարկայական լուսաբանում, աշխարհի տարբեր երկիրներում մէջ մեր հակառակորդի սանձազերծած արցախեան հակամարտութեան էութիւնը նենգափոխելու փորձ կատարող դրսեւորումներուն ուժգին հակազդեցութիւն եւ յաճախ կանխարգիլում. Շարունակելու համար` Ազրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցչիներու կողմէ սումկայիթեան զոհերու նուիրուած յիշատակի հաւաքներու խանգարման փորձերու չէզոքացում, տարբեր երկիրներու մէջ ազրպէյճանական դեսպանատուներու առջեւ բողոքի ցոյցերու կազմակերպում, ապրիլեան պատերազմի օրերուն Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ գործադրուած պատերազմական ոճիրներու բացայայտման եւ փաստերու տարածման աշխատանքներ. անոնք պարզապէս մէկ մասն են Դաշնակցութեան եւ անոր Հայ դատի, երիտասարդական, ուսանողական կառոյցներուն ձեռագիրը կրող` Արցախի պետութեան արտաքին քաղաքականութեան կամ ընդհանրապէս Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու աշխարհատարած աշխատանքներուն:

Օրհասի օրերուն եւս, թէ՛ արցախեան ազատամարտին եւ թէ՛ ապրիլեան քառօրեային, պէտք է նկատել յատկապէս սփիւռքեան տարբեր շրջաններէ Արցախ փութացած եւ իր հայրենակիցին հետ կողք-կողքի խրամատներու մէջ տեղաւորուած եւ առաջնագիծ գրաւած երիտասարդութեան մեծամասնութեան գաղափարական եւ կուսակցական պատկանելիութիւնը: Հայրենիքէն հեռու ծնած, շատ յաճախ ալ հայրենիքը չտեսած, օտար պայմաններու մէջ կազմաւորուած երիտասարդը օրհասի պահին, եթէ հարկ ըլլայ, նաեւ իր կեանքի գնով փաստեց իր պատրաստակամութիւնը` միշտ գտնուելու արցախցի իր հայրենակիցի կողքին:

Անկախութեան 100-ամեակի մօտակայ նշումներուն պատմաքաղաքական կարեւորագոյն էջեր լոյսին բերելը ունի խիստ այժմէական նշանակութիւն:

1918-ին, Անդրկովկասեան երկիրներու անկախացման օրերուն, ճիշդ է որ Արցախը մաս չկազմեց Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներուն, բայց նաեւ մաս չկազմեց Ազրպէյճանին: Իրողապէս Արցախը ղեկավարուեցաւ Ազգային խորհուրդով. այսինքն` անկախ ղեկավար մարմինով:

Պատմական այս փաստացի իրողութիւնը կրնայ մղել, որ Արցախը եւս իր անկախութեան 100-ամեակի նշումներուն նախապատրաստուի: Ճիշդ է, որ միջազգային օրէնքներու ընդառաջման հարց չկար, չկար նաեւ ինքնորոշման  իրաւունքի  եւ  հանրաքուէի  խնդիր, այսուհանդերձ, կար մերժում` Ազրպէյճանին միանալու, առաջադրանք` Հայաստանի Հանրապետութեան կցուելու, եւ իբրեւ փաստ` կար իրողապէս անկախ կառավարուող միաւոր:

Այս անկախութիւնը կարեւոր է Արցախի համար, նոյնքան նաեւ փաստի ընդգծումը` անկախացած Ազրպէյճանին մաս չկազմելու: Որմէ նաեւ` ստալինեան բռնակցումի հակաօրինականութիւնը եւ կանխարգիլումը`  Պաքուի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի շահարկման:

Կանխատեսելով հակառակորդի շահարկումը եւ ամենայն  հաւանականութեամբ այդ շահարկումին միջազգային արձագանգի ապահովումի փորձը`  Արցախի  վերաբերող պատմական այս փաստին ներկայացումը, արծարծումը թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ իրաւական հիմնաւորումներով աւելի քան անհրաժեշտ են եւ նշուած  պատճառներով նաեւ` ռազմավարական:

Պատմական այս հանգամանքի նկատառումով ալ մեզի համար տարածաքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքները կրնան համատեղելի ըլլալ արցախեան հակամարտութեան լուծման բանակցային գործընթացին, տրուած ըլլալով, որ Արցախը երբեք մաս չէ կազմած Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան` ո՛չ անկախացման ո՛չ ալ վերանկախացման օրերուն:

Միջազգային այս սկզբունքներու կիրարկելիութեան համար  քաղաքական նուրբ մեկնաբանութիւններու ամենաարդիական առիթներուն ականատես կ՛ըլլանք. իրադրութիւնները կը յուշեն, որ Քաթալոնիոյ օրինակին կրնան հետեւիլ մերձակայ կամ հեռակայ աշխարհագրական այլ տարածքներու վրայ ապրող ազգաբնակչութիւններ:

Հակամարտութիւններու կամ ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկման համեմատական ժամանակակից վերլուծաբանութիւնը յաճախ կը շրջանցէ պատմական հանգամանքներու իրողականութիւնը: Նորագոյն երեւոյթը կը վերաբերէր Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէին: Յարգելով ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկումը պէտք է նկատել այստեղ, որ Քաթալոնիան երկրի մը` Սպանիոյ տարածքային ամբողջականութենէն դուրս կու գար, մինչ Արցախը երբեք մաս չէ կազմած Ազրպէյճանի տարածքին: Բռնակցումը, այս պարագային, հիմնովին  կը հակադրուի միջազգայնօրէն  ընդունուած  ինքնորոշման  իրաւունքին, սկզբունքով նաեւ` տարածքային ամբողջականութեան, տրուած ըլլալով, որ բռնի միջոցներով,  հակաժողովրդավարական  եղանակով (տակաւին չենք խօսիր տարբեր ազգի, ժողովուրդի, կրօնի, մշակոյթի, պատմութեան հանգամանքներուն մասին) կայացած որոշումի հիման վրայ Արցախին տրուած է ազրպէյճանական  տարածքին մէջ ինքնավար մարզի կարգավիճակ: Առաւել եւս. Մատրիտը որեւէ տեսակի սումկայիթեան քաղաքականութիւն չէ կիրարկած քաթալոնացիներուն նկատմամբ:

Այս տարբերութեան իրազեկ են նաեւ Եւրոպական Միութեան շրջանակները, երբ կտրուկ կը մերժեն Քաթալոնիոյ առած քայլին իրաւականութիւնը, եւ երբ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի շրջանակներուն մէջ, ի հեճուկս Պաքուի, հռչակագրով կ՛ամրագրեն արցախեան հակամարտութեան լուծման համար որդեգրուած` տարածքային ամբողջականութեան, ինքնորոշման իրաւունքի, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ուժի կիրարկման բացառումի միջազգային սկզբունքները:

Անհամեմատելիութեան այս անգամ բոլորովին այլ ուղղութեան, տարբեր պայմաններու եւ շահարկման տարբեր մարտավարութիւններու մօտեցումով Պաքուն համեմատութիւն կը կատարէ Արցախի եւ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի միջեւ: Իբրեւ հակազդեցութիւն այս համեմատութիւններուն` մէջբերենք Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարի  յայտարարութիւնը` կատարուած այս տարուան ապրլին: «Սխալ է զուգահեռներ գծել բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի եւ Արցախի տագնապներուն միջեւ, որովհետեւ` «Ի տարբերութիւն հիւսիսային Կիպրոսի, որ բռնագրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ, Արցախը  հայկական պատմական տարածք է. անոնք մի՛շտ  հոն եղած են,  պայքարած են իրենց ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար եւ  անկախութիւն հռչակած են»:

Որքան ալ ընդհանուր հակառակորդ ունենալու  եւ տրուած օրինակին պարագային թիրախի կարգավիճակով յայտնուած ըլլալու շարժառիթներուն, այսուհանդերձ, այս յայտարարութեան վրայ հայ քաղաքական միտքը յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու պատճառները ունի. Կատարուածը, ըստ էութեան, պաշտօնական Նիկոսիոյ կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչման ճանապարհ հարթող կարեւոր դիրքորոշում է, որուն յղում կատարելու առիթներ կ՛ունենանք տակաւին` նկատի ունենալով թէ՛ Կիպրոսի Եւրոմիութեան անդամ ըլլալը եւ թէ՛ ԵԽԽՎ-ի նոր նախագահին կիպրացի ըլլլաու փաստը: Եւ այժմ պարզապէս յիշենք, առանց բացարձակ եզրայանգումներ ընելու, որ ԵԽԽՎ-ի նորընտիր նախագահի պաշտօնավարութեան ստանձնման  օրերուն իսկ ԵԽԽՎ-էն հնչեց լուացքատուն կառավարած Պաքուի հասցէին ամենածանր մեղադրանք- բանաձեւերը:

Անտեղի պիտի չըլլար նշելը այստեղ, որ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան հռչակագրի որդեգրումը Երեւանի հետ շրջանակային նոր համաձայնագրի կնքումի  առիթով, ըստ էութեան, տապալեց Ազրպէյճանի բոլոր փորձերը` հռչակագրին մէջ ազրպէյճանանպաստ սկզբունքներ ամրագրելու: Եւրոմիութիւնը այս առիթով հռչակագրային դրոյթի վերածեց ազգերու ինքնորոշման միջազգային իրաւունքը` արցախեան հակամարտութեան իր բանաձեւին մէջ:

Առանց համակարգային փոփոխութեան եւ խորհրդարանական համակարգի անցումի` դժուար պիտի ըլլար պատկերացնելը Եւրոմիութեան հետ ընդլայնուած եւ համապարփակ համաձայնագրի կնքումը եւ այդ առիթով արցախահայութեան ինքնորոշուելու սկզբունքը ամրագրող հռչակագրի հրապարակումը: Իսկ այստեղ պէտք է դարձեալ յիշել քաղաքական այն ուժը, որ քսանհինգ տարի անդադար առաջադրեց մեր երկրի խորհրդարանական համակարգի անցումը:

Ընթացիկ տարին Արցախի Հանրապետութեան համար յատկանշուեցաւ նաեւ դիւանագիտական, քաղաքական կարեւոր այլ իրագործումներով:

Միայն փակուող այս տարուան կտրուածքով`արժէ արձանագրել  Պելճիքայի խորհրդարանին մէջ յաջորդաբար հոլանտախօս եւ ֆրանսախօս հատուածներու հետ Արցախի խորհրդարանի հետ բարեկամութեան խումբի ստեղծումը:

Ապա պելճիքացի ծերակուտականի, Հոլանտայի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու աւագ գիտաշխատողին եւ Ընկերվար միջազգայնականի երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամ կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններու ճանաչողական այցելութիւնները Ստեփանակերտ:

Տակաւին,

Պելճիքայի դաշնակցային եւ Պրիւքսելի շրջանային խորհրդարանականներու, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանական պատուիրակութեան, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ եւ քոնկրեսականներու այցելութիւնները Ստեփանակերտ:

Առանց շրջանցելու` միջազգային դէտերու մասնակցութիւնը Արցախի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին դիտորդական առաքելութեան բաղադրութիւնը, ներառելով Պոլիվիոյ երեսփոխանական պալատի, եւրոպական խորհրդարանի, Արժանթինի խորհրդարանի անդամներն ու ուրուկուէյցի իրաւապաշտպանները:

Այլ ուղղութեան վրայ այս հանրագումարային արդիւնքին վրայ պէտք է աւելցնել լրագրող պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի արտայանձման առիթով կազմակերպուած տարբեր քաղաքներու մեր երիտասարներու ձեռնարկած  բողոքի ակցիաները:

Ճանաչման յաղթարշաւի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընտի, Մէյնի, Լուիզանյայի, Քալիֆորնիոյ, Ճորճիայի,եւ Հաուայի նահանգներուն վրայ Միչիկընի նահանգին համալրումը կը նախանշէ, որ Դաշնակցութիւնը ռազմավարական նպատակ ճշդած է նահանգային եւ քաղաքային մակարդակներու վրայ Արցախի անկախութեան ճանաչման հրամայականի իրականացումը: Եւ միայն վերջերս` Աւստրալիոյ մէջ գործող ամէնէն նշանաւոր կուսակցութիւններէն Կանաչներու ճանաչումը Արցախի Հանրապետութեան:

Յարգելի՛ ներկաներ,

21-րդ դարու համահունչ եւ օրինաչափ նկատուող համակարգերը ցանցային կառոյցի բնոյթ ունին եւ կը յատկանշեն ժամանակակից աշխատելաձեւի նորարար եւ արդիւնաւէտ նկատուող միջոցները: Դաշնակցութիւնը հայաստանեան, արցախեան եւ աշխարհատարած կառոյցներով ու Հայ դատի գրասենեակներով ցանցային այն համակարգն է, որ հայրենակեդրոն նպատակուղղուած գործունէութիւն կ՛իրականացնէ` ի խնդիր մեր զոյգ պետութիւններու հզօրացման: Վարքագիծը պիտի շարունակուի, եւ ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս պիտի դրուի նահանգային մակարդակով Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումներու յաղթարշաւը շարունակելու, տարբեր պետութիւններու պետական, հասարակական եւ լրագրողական դէմքերու Ստեփանակերտ այցելութիւնները իրագործելու, Արցախի Հանրապետութեան պետական դէմքերու եւրոպական, ամերիկեան եւ աշխարհքաղաքական այլ կարեւոր կեդրոններու մէջ հանդիպումներու եւ քննարկումներու տեսակցութիւնները ապահովելու ու, տակաւին, ռազմական յանցագործութիւններով հարուստ թղթածրար վաստակած Պաքուն միջազգային ատեաններու կողմէ քրէականացնելու` Սուկմկայիթէն մինչեւ Թալիշ ամենաանմարդկային եւ ահաբեկչական արարքները գործադրած ըլլալու մեղադրանքներով:

Այս բոլոր ուղղութիւններով աշխատելու եւ Արցախի համապաատասխան գերատեսչութիւններու հետ առաջադրանքներն ու անոնց կիրարկումը համակարգելու համար Դաշնակցութեան հովանիին տակ գործող Հայ դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները իրողապէս վերածուած են Արցախի Հանրապետութեան դեսպանութիւններու: Դաշնակցական մամուլն ու լրատուադաշտը   պիտի շարունակեն իրենց սիւնակներուն առաջնային տեղերը տրամադրել արցախեան լրատուութիւններուն: Դաշնակցութեան քարոզչական մարմինները տարբեր երկիրներու պետական  թէ հասարակական շրջանակներուն մէջ պիտի աշխատին առարկայականօրէն լուսաբանել հակամարտութեան էութիւնը, հակադարձել հակառակորդներու ապատեղակատուութեան: Մեր ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւնները բողոքի ցոյցերով պիտի չէզոքացնեն Պաքուի ներկայացուցիչներուն կողմէ ձեռնարկուած հակահայ բոլոր միջոցառումները: Մինչ պիտի համալրուին ԱՀ-ը ճանչցող ամերիկեան նահանգներն ու եւրոպական քաղաքները:

Քաղաքական, ռազմավարական եւ անվտանգութեան բոլոր պատճառներով մեր համահայկական օրակարգի առաջնային խնդիրը պիտի ճշդել ԱՀ-ի միջազգային ճանաչումը, որուն համար ալ անմնացորդ իր գործը պիտի շարունակէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան աշխարհատարած ցանցային կառոյցը:

Քաղաքականին կողքին, զինուորական ապրիլեան լայնածաւալ գործողութիւններու սանձազերծումներու ընթացքին եւ մանաւանդ անկէ ետք, արժէ մտածել կուսակցութեան կողմէ նախաձեռնուած եւ պաշտպանական պետական համակարգի հետ համադրուած կամաւորական շարժումի երեւոյթին մասին:

Քաղաքական դրական ենթահողի նախադրեալներու ուղղութեամբ համախումբ աշխատելու այս առաջնահերթութեան առընթեր, մեր հակառակորդը յաւելեալ պիտի գիտակցի, որ իր դիպուկահարներուն եւ խափանարարական թէ թափանցման որեւէ գործողութեան պարագային իր դիմաց պիտի գտնէ մարտնչելու պատրաստ եւ յանուն Արցախի խաղաղութեան, փաստացի սահմաններու պահպանման թէ Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման համար ամէն ինչի պատրաստ ոչ միայն Արցախի զինեալ ուժերը, այլ` ամբողջ հայկական աշխարհի կամաւորական շարժումը:

Ի վերջոյ, հայկական աշխարհը ամբողջ պիտի գիտակցի, որ հայրենիքի սահմանները հսկող, վիրաւորուող, նահատակուող հերոսներուն շնորհիւ է, որ ինք այսօր իբրեւ զոյգ հանրապետութիւն  կերտած ազգ` կ՛արարէ, կը ստեղծագործէ եւ կը զարգանայ: Այո՛, կը զարգանայ առանց զիջելու:

Բազմակողմանի այդ զարգացումը ապահովելու համար է, որ այսօր բոլորս համոզուած, վճռական,  հաստատակամ  եւ պատրաստակամ` իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման համար պայքարող զինուորներ, ազգովին  պէտք է յայտարարենք.

Ծառայում ենք Արցախի Հանրապետութեանը:

 

(*) Արտասանուած Արցախի մէջ 14 դեկտեմբերին կայացած ՀՅԴ 127-ամեակի հանդիսութեան:

Գարեգին Նժդեհ (1886-1955). Հայու Կամքին եւ Գաղափարի Ուժին դաշնակցական մարմնաւորումը

0
0

Ն. Պ.

Դեկտեմբեր 21ի այս օրը, Խորհրդային Միութեան ծայր աստիճան «վտանգաւոր» նկատուած «բանտարկեալ»ներու Վլատիմիր բանտին մէջ, իր վերջին շունչը փչեց Հայկական Ազատամարտի անկրկնելի հերոսներէն Գարեգին Նժդեհ։

Հայ ժողովուրդը միայն յաւուր պատշաճի յարգանքի տուրք ընծայելու մղումով չէ, որ կþոգեկոչէ Նժդեհի մահուան տարելիցը։ Ոչ ալ տարուան միայն այս օրը կը ստեղծէ պատեհութիւնը, որպէսզի ամենայն հաւատքով ու երկիւղածութեամբ իր մտքին ու հոգիին կիզակէտին բերէ Նժդեհի անմար մտածումները։

Իր ժամանակէն վեր բարձրացած եւ բոլոր ժամանակներուն համար հայոց սերունդներուն ներշնչման աղբիւր դարձած ազգային հերոսն է Հայու Կամքին եւ Գաղափարի Ուժին դաշնակցակա՛ն մարմնաւորումը հանդիսացող Նժդեհը։

Որքան ալ ժամանակը անցնի եւ որքան ալ հնաբոյր թէ նորելուկ գաղափարախօսներ փորձեն Դաշնակցութենէն դուրս եւ հակադրաբար Դաշնակցութեան գովքը հիւսել Նժդեհի Գործին եւ Պատգամին, ըստ ամենայնի բան չի փոխուիր պատմական դառն ու դաժան այն իրողութենէն, որ պայքարի բոլոր ճակատներուն վրայ անպարտելի դաշնակցական Գարեգին Նժդեհը զոհ գնաց պոլշեւիզմի, այլեւ խորհրդայիններու հակադաշնակցական մոլուցքին։

Տարբեր ալ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ Նժդեհի իսկ բառերով՝ «Դաշնակցութեան փառքն ու ողբերգութիւն»ը առաւելագոյն հնչեղութեամբ պատմութեան յանձնուած աւանդ է նոյնինքն Գարեգին Նժդեհ երեւոյթով։

Արդարեւ, հայ ժողովուրդի պատմութեան նորագոյն շրջանի ոսկեմատեանին մէջ եզակի դէմք մը եղաւ Նախիջեւանի Կզնութ գիւղի ծնունդ՝ Տէր-Յարութիւնեան քահանայի կրտսեր որդի Գարեգինը, որ հայոց աշխարհով մէկ հռչակուեցաւ Նժդեհ անունով։

Ծնած էր 1 Յունուար 1886ին եւ ապրեցաւ մինչեւ 1955 թուականի Դեկտեմբեր 21ը, երբ խորհրդայիններու հակադաշնակցական մոլուցքին պատանդ դարձած եւ սիպիրեան աքսորավայրերու մէջ ֆիզիքապէս հիւծած՝ իր պաշտած հայ ժողովուրդէն ու Հայաստանէն հեռու, առյաւէտ փակեց այնքան հայու անմեղ արեան հեղում եւ վիշտ տեսած աչքերը, այլեւ՝ կռուի ու պայքարի հուրով առլցուն իր ցասկոտ հայեացքը։

Գարեգին Նժդեհ անունը յաւերժացաւ յատկապէս 1920-21 թուականին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Բիւրօ-Կառավարութեան օրով եւ ատենի Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարար Ռուբէնի հրահանգով՝ զօրավար Նժդեհի յանձնարարուեցաւ կեանքի գնով պաշտպանութիւնը Զանգեզուրի։ Առաքելութիւն մը՝ որ յաղթական փառքով պսակուեցաւ եւ անպարտելի ռազմիկի դափնիով յաւերժացուց բաց ճակատը Նժդեհի։

Ուսումնասէր եւ հոգեմտաւոր հարուստ պաշարի տէր էր Նժդեհ։ Իր ծննդավայրի ռուսական դպրոցն ու Թիֆլիսի ռուսական գիմնազիան աւարտելէ ետք, ան բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Փեթերսպուրկի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժնին մէջ։ Չաւարտեց ուսումը, որովհետեւ 17 տարեկանէն արդէն հայ ազգային¬ազատագրական շարժման ահագնացող ալիքը գրաւած էր միտքն ու սիրտը ըմբոստ Գարեգինի։ Միաժամանակ ցարական եւ համիտեան բռնատիրութեանց դէմ պայքարի դաշտ նետուելու պատրաստ՝ Նժդեհ իր յեղափոխական մկրտութեան հարազատ աւազանը գտաւ Դաշնակցութեան մէջ եւ միացաւ անոր շարքերուն։ Յատկապէս Ռոստոմի օրինակը առաջնորդող տեղ եւ նշանակութիւն ունեցաւ Նժդեհի կեանքին մէջ։ Ռոստոմի յորդորով ալ միացաւ Պուլկարիոյ մէջ Դաշնակցութեան հաստատած զին-ւորական վարժարանին, փայլուն աւարտեց զայն եւ վերադարձաւ Թիֆլիս։

Իր կարգին ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ Դաշնակցութեան դէմ ցարական իշխանութեանց ծաւալած հալածանքին հետեւանքով։ Եւ երբ 1912ին անպարտ արձակուեցաւ եւ 1913ին բռնկեցաւ Պալքանեան Պատերազմը, Նժդեհ փութաց ստանձնելու հրամանատարութիւնը Դաշնակցութեան կազմած հայկական զօրագունդին, որ պուլկար յեղափոխականներու կողքին պատերազմի դաշտ նետուեցաւ օսմանեան զօրքին դէմ։ Պալքանեան Պատերազմը արեան մկրտութիւնը եղաւ ռազմագէտ Նժդեհի, որ իբրեւ Դաշնակցական Զօրավարի հռչակուեցաւ՝ իր քաջութեամբ ու ռազմավարական-կազմակերպական տաղանդով։ Այդ շրջանին նաեւ երեւան եկաւ Նժդեհի անհատականութեան առանձնայատուկ երեսը, որ անոր արտակարգ ինքնավստահութիւնն էր, որուն հետեւանքով բախումներ ունեցաւ նոյնպիսի՛ անհատականութեան տէր Անդրանիկի հետ, որ գլխաւոր հրամանատարն էր հայկական զօրագունդին։
Պալքանեան Պատերազմէն սկսեալ, անցնելով Հայ Կամաւորական Երկրորդ Գունդի հրամանատարութենէն ու 1918ի Մայիսեան Հերոսամարտներու ընթացքին իր առանձին ջոկատով գործած սխրանքներէն, եւ յանգելով 1919-1921 Լեռնահայաստանի գոյապաքարին փառապանծ ղեկավարման, Գարեգին Նժդեհ արժանաւորապէս մարմնաւորեց Դաշնակցական Զօրավարի հերոսական կերպարը։

Հայաստանի վերջնական խորհրդայնացումէն ետք Նժդեհ հաստատուեցաւ ու գործեց Պալքաններու մէջ։ Նժդեհ ոչ միայն ղեկավար դերակատարութիւն ունեցաւ Պալքաններու տարածքին Դաշնակցութեան կազմակերպական հզօրացման մէջ, այլեւ՝ պատմական նշանակութեամբ հայապահպանման գործ կազմակերպեց եւ ղեկավարեց, Ամերիկայի տարածքին ցրուած հայութեան բեկորներուն մէջ՝ Դաշնակցութեան դրօշին տակ իր առաջացուցած Ցեղակրօն շարժումով։

Օտար ափերու վրայ ուծացման, ինքնալքութեան եւ վերջնական ձուլման դատապարտուած տարագիր հայութեան ցիրուցան բեկորները ի մի բերելու, զանոնք հայկական հպարտութեամբ զինելու եւ Հայաստանի ու հայութեան պաշտամունքով պահպանելու նպատակով՝ Նժդեհ 1933ին իբրեւ գործիչ ուղարկուեցաւ Մ. Նահանգներ, ուր եւ հիմը դրաւ Հ.Յ.Դ. Ցեղակրօն Ուխտերուն, որոնք հետագային դարձան Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կորիզները։

Պալքաններ վերադառնալէ ետք, Նժդեհի ուժեղ անհատականութեամբ դաշնակցական ղեկավար գործիչը կազմակերպական բախումներ ունեցաւ օրուան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին հետ։ Հետեւանքը եղաւ Պալքաններու Հ.Յ.Դ. կազմակերպութեան պառակտումը՝ նժդեհական եւ հականժդեհական թեւերու միջեւ։ Նժդեհի գլխաւորած Կեդրոնական Կոմիտէն ըմբոստացաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին դէմ ու Դաշնակցութենէն հեռացուեցաւ։ Իսկ «ցեղակրօնութիւնը» դարձաւ գաղափարական պառակտումի բաժանարար գիծը։

Երկրորդ Աշխարհամարտի ամբողջ տեւողութեան, Դաշնակցութենէն դուրս գտնուելով եւ իր ուրոյն ցեղակրօն կազմակերպութիւնը կեանքի կոչելով հանդերձ՝ Նժդեհ իրողապէս ղեկավարեց Պալքաններու դաշնակցական ընտանիքը։ Իբրեւ այդպիսին գործակցեցաւ Նացիներուն հետ եւ պաշտպանեց Պալքաններու հայութիւնը թէ՛ խորհրդային եւ թէ թրքական ոտնձգութեանց ու սպառնական վտանգներու դէմ։ Իսկ երբ Սեպտեմբեր 1944ին Կարմիր Բանակը գրաւեց Պուլկարիան եւ պատերազմը աւարտեցաւ Նացիներու պարտութեամբ, Նժդեհ փախուստ չտուաւ եւ մինչեւ Դեկտեմբեր 1944ին խորհրդայիններու կողմէ իր ձերբակալութիւնը՝ շարունակեց պաշտպան կանգնիլ Պալքաններու հայութեան։

1947ին խորհրդայինները Մոսկուա տեղափոխեցին Նժդեհն ու անոր բախտակից դաշնակցական գործիչները։ 1948-1952 Նժդեհ պահուեցաւ ծայր աստիճան «վտանգաւոր» նկատուած «բանտարկեալ»ներու Վլատիմիր բանտը։ 1952ին մէկուկէս տարիով ղրկուեցաւ Երեւանի բանտը, բայց 1953ին վերստին տարուեցաւ Վլատիմիրի բանտը, ուր եւ մահացաւ 21 Դեկտեմբեր 1955ին։

Նժդեհի հետ դաշնակցականներու ամբողջ փաղանգ մը ինկաւ խորհրդայիններու ձեռքը։ Սիպիր աքսորուած դաշնակցական գործիչներէն շատեր ազատ արձակուեցան խրուշչովեան ձիւնհալի օրերուն։ Անոնց Սփիւռք գալով վերագնահատումի արժանացաւ Պալքաններու դաշնակցական կազմակերպութեան գործունէութիւնը։ Եւ երբ Նժդեհի բանտակից ընկերոջ՝ դաշնակցական ծանօթ գործիչ Յովհաննէս Տեվէճեան եւ տարիներու գործակից Կարօ Գէորգեան հրապարակեցին Նժդեհի մահուան գոյժը, Դաշնակցութիւնը վերականգնեց իր մեծ գործիչին արժէքն ու տեղը Հ.Յ.Դ. պատմութեան եւ սերունդներու յիշողութեան մէջ։

Հայու Կամքին եւ Գաղափարի Ուժին դաշնակցակա՛ն մարմնաւորումը հանդիսացող Գարեգին Նժդեհի մահուան տարելիցին ոգեկոչումը թող ըլլայ հաղորդութեան առիթ մը՝ վերանորոգուելու համար անոր մտքերու անլռելի զանգակատունով.

– Երբե՛ք, առանց Սիւնիքի՝ առանց Հայաստանի աշխարհագրական այդ ուժեղ ողնաշարին, մեր ամբողջական Հայրենիքը գոյութիւն ունենալ չի կարող։

– Ոմանք արեւը միայն խաւարման ժամանակ են նկատում:

– Չի կարելի օգնել այն ընկածին, եթէ նրան պակասում է ինքնօգնութեամբ ոտքի կանգնելու կամքը:
– Երկու բան պէտք է լցնի մարդու հոգին հիացմունքով ու յարգանքով՝ աստղալից երկինքը գլխի վերեւում եւ բարոյական օրէնքը սրտի մէջ:

– Շղթաների մէջ ծնւում, ապրում եւ մեռնո՞ւմ ես, դո՛ւ ես մեղաւոր, որովհետեւ թոյլ ես.
– Քրիստոնէական սիրոյ խորհուրդը ամբողջ դարեր պատճառ է դարձել մեր ժողովրդի անօրինական ողբերգութեան:
– Իրաւունքը ուժի հասկացողութիւն է, այլ ոչ տրամաբանական:

– Մի ժողովուրդ, որի որդիները հաւասար չեն օրէնքի եւ մահուան առջեւ՝ յաղթական հայրենիք չի ունենայ:
– Կրօնների պէս հայրենիքներն էլ պահանջում են, որ իրենց սպասարկողի ձեռքերը լինեն տաք եւ մաքրամաքուր:
– Ապագան վտանգուած ժողովուրդների վերջին խաղաթուղթը՝ վերադաստիարակութիւնն է:
– Իւրաքանչիւր ազգի պարտականութիւնը մարդկութեան հանդէպ նախ եւ առաջ դրսեւորւում է սեփական ազգի կենսունակութեան պահպանման եւ սեփական մշակոյթի զարգացման ձեւով:

– Քննադատել՝ հոգեպէս տառապել է նշանակում:

– Իմ ազգային դաւանանքը թոյլ չի տալիս թշնամանք տածել դէպի ոեւէ հայ մարդ:
– Աւելի լաւ է հայ մարդը համր լինի, քան օտարախօս:

 

Հայ Ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան պայքարին յանդուգն յառաջամարտիկը

0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

19 տարի առաջ, Դեկտեմբերի այս օրերուն, խոր սուգի մէջ էր Դաշնակցութեան ողջ ընտանիքը:

Եւ ոչ միայն դաշնակցականները:

Դաշնակցութեան սուգին վշտակից էին հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ զաւակները՝ ոչ միայն Սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր ափերուն, այլեւ նոյնինքն հայրենի ոստաններուն մէջ:
17 Յուլիս 1994ին ուղեղի մահացու հարուած ստանալէ եւ աւելի քան 4 տարի մահաքունի մէջ անկենդան շնչելէ ետք, 21 Դեկտեմբեր 1998ին մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ, 24 Դեկտեմբերին դագաղը Հայաստան տարուեցաւ եւ յաջորդ օրը իր պաշտած հայրենի հողին գիրկը վերջնական հանգիստը գտաւ բառին ամբողջական իմաստով ՀՍԿԱՅ մը, որուն անունն էր Հրայր Մարուխեան:

Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան դատին իր գերագոյնը զոհաբերելու Ուխտին հաւատարմագրուած «Անկեղծ Զինուոր» էր ընկեր Հրայր, որ գրեթէ կէս դար ամբողջ, հայ քաղաքական մտքին առջեւ, դաշնակցականի իր յանդուգն կամքով ու աներեր հաւատքով, Հորիզոն բացաւ, Ուղի հարթեց, Պայքար կազմակերպեց եւ կռանեց Հաւաքական Կամքը ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ Պահանջատէր Հայութեան անձնազոհ արիներուն:

Իր անսպառ եռանդին, գաղափարական ինքնահաւատարմութեան, մարտունակ կամքին եւ հայութեան հաւաքական ուժը կազմակերպականօրէն հզօրացնելու իր անսպառ յանդգնութեան համար էր, որ Դաշնակցութիւնը աւելի քան 25 տարի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչի բարձրագոյն պատասխանատուութեան արժանացուց Հրայր Մարուխեանը, իսկ հայ ժողովուրդը Ազգային արժանաւոր Ղեկավարի դափնեպսակով նուիրագործեց տարաբախտ մեր ընկերոջ անմոռանալի յիշատակը:

Հրայր Մարուխեան ծնած է Դեկտեմբեր 19ին( 1928 թուին( Իրանի Քերմանշահ քաղաքը: Ան աւարտած է Իրանի պետական համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժինը՝ մեքենագիտական բնագաւառէն ներս: Հ.Յ.Դ. շարքերուն միացած էր Թեհրանի մէջ: Նախ անդամակցած է Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան եւ ապա անցած կուսակցական շարքերը: Կուսակցական իր գործունէութենէն անկախ( եղած է Թեհրանի ՙԱրարատ՚ Մարզական Միութեան հիմնադիրներէն եւ տարիներ վարած է միութեան նախագահի պատասխանատուութիւնը:

1963ին Հրայր Մարուխեան մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. 18րդ Ընդհանուր Ժողովին, իբրեւ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ: Այս ժողովը յատկանշուեցաւ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմնին մէջ իր կատարած սերնդափոխութեամբ: Այդ ճամբով էր, որ Հրայր Մարուխեան, 35 տարեկանին, առաջին անգամ ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ:

1964ին ընտանեօք փոխադրուեցաւ Լիբանան, ուր տեղափոխուած էր (Գահիրէէն) Բիւրոյի նստավայրը: Պէյրութ տեղափոխեց նաեւ իր անձնական գործը: 1967ին վերընտրուեցաւ Բիւրոյի անդամ: Այդ նստաշրջանին, ատենի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ատուր Գապաքեանի մահէն ետք, զայն փոխարինեց մինչեւ Բիւրոյի պաշտօնավարութեան շրջանին աւարտը: Իսկ 1972ին՝ Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդհանուր Ժողովին վերընտրուելով Բիւրոյի անդամ, ստանձնեց Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը, որ այնուհետեւ – մինչեւ իր եղերական մահաքունը- շարունակաբար վստահուեցաւ Հրայր Մարուխեանի:

Այդ շրջանէն սկսեալ թափ առաւ Հրայր Մարուխեանի ղեկավար դերակատարութիւնը ինչպէս Դաշնակցութեան( նոյնպէս եւ Սփիւռքի հայութեան քաղաքական ինքնակազմակերպման ու յեղափոխական զարթօնքին աշխուժացման մէջ:

1975ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բերումով եւ Բիւրոյի որոշումով (1975ի վերջերը, Հրայր Մարուխեան փոխադրուեցաւ Աթէնք, Յունաստան, Դաշնակցութեան համահայկական գործունէութիւնը անարգել շարունակելու յանձնարարութեամբ: (1985ին Աթէնք փոխադրուեցաւ նաեւ Բիւրոյի Կեդրոնական Գրասենեակը): Աթէնքէն ծաւալած իր գործունէութեան առաջին տասնամեակը զուգադիպեցաւ հայ կեանքի վճռորոշ այն փուլին, երբ Հայ Դատի ուժական պայքարը շղթայազերծման իր մակընթացութիւնը կÿապրէր, հայ ժողովուրդի դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրին շուրջ քաշուած լռութեան ամօթալի պատը ցնցելու եւ փուլ բերելու մարտունակութեամբ:

Ա°յդ հունով թափ առին Հայ Դատի ի նպաստ Հ.Յ.Դ. ցուցական քարոզչութեան, քաղաքական լոպիինկի աշխուժացման եւ կազմակերպական-յեղափոխական հզօրացման աշախատանքները: Գաղափարական, կազմակերպական եւ քաղաքական այդ զարթօնքի երեք ուղղութիւններով՝ առաջնորդող դեր կատարեց ընկեր Հրայր:

1988ի Օգոստոսին գումարուած Հ.Յ.Դ. 24րդ Ընդհ. Ժողովին, Արցախեան Շարժման ամբողջապէս նուիրուելու Դաշնակցութեան Կամքը ազդարարելով, Հ.Յ.Դ. որոշեց կազմակերպական եւ քաղաքական իր գործունէութիւնը հունաւորել «Դէպի Երկիր» եւ Հրայր Մարուխեան անձամբ, ի պաշտօնէ, ղեկավարեց հայրենիքի մէջ Դաշնակցութեան վերընձիւղման աշխատանքները: Իբրեւ այդպիսին՝ մնայուն ներկայութիւն դարձաւ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ( իսկ Դաշնակցութիւնը վերածուեցաւ վերանկախացած Հայաստանի կազմակերպականօրէն ամէնէն կուռ( քաղաքականօրէն ամէնէն գործունեայ եւ ազատագրական շարժման հասկացողութեամբ ամէնէն մարտունակ կազմակերպութիւնը:

Դաշնակցութեան այդ յաջողութեան համար Հրայր Մարուխեան անձամբ ծանր գին վճարեց 29 Յունիս 1992ին, երբ Հայաստանի նախագահի իր իրաւունքները չարաշահելով՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան պատկերասփիւռի տխրահռչակ իր ելոյթով, Հրայր Մարուխեանը Հայաստանի Հանրապետութենէն արտաքսելու հրամանագիրը յայտարարեց:

Հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական այդ օրերուն, երբ ատրպէյճանցի հրոսակներ սկսած էին գրաւել Շահումեանն ու Մարտակերտը, Դաշնակցութիւնը որոշեց ենթարկուիլ անարդար այդ հրամանագրին ու հեռանալ երկրէն՝ առաջքը առնելու համար ներ¬հայկական հաւանական զինեալ բախումներուն, որոնք իբրեւ թակարդ կը լարուէին հակահայ ուժերուն կողմէ:

Յաջորդ երկու տարիներուն, Հրայր Մարուխեան քաղաքական գետնի վրայ ղեկավարեց Լեւոն Տէր¬Պետրոսեանի հայավնաս քաղաքականութեան դէմ ուղղուած Դաշնակցութեան գաղափարական անդուլ պայքարը:

Եկաւ 17 Յուլիս 1994ի չարաբաստիկ օրը, երբ Աթէնքի մէջ, ծովեզերքը լողացած պահուն, Հրայր Մարուխեան ունեցաւ ուղեղային արիւնահոսութիւն մը եւ մտաւ մահաքունի մէջ: Այդպէ°ս կայծակնային կերպով եւ ողբերգականօրէն վերջ գտաւ Հրայր Մարուխեանի կենդանի գործունէութիւնը՝ մեծ կորուստ պատճառելով Դաշնակցութեան եւ հայ քաղաքական միտքին:

Հրայր Մարուխեանի անդամալուծութենէն ետք ալ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հակադաշնակցական մոլուցքը շարունակուեցաւ եւ, Դեկտեմբեր 1994ին, արգիլուեցաւ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ:

Իր անկենդան կեանքին այդ չորս տարիներուն, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի քաղաքական զարգացումները եկան փաստելու, որ Հրայր Մարուխեանի յառաջապահութեամբ Դաշնակցութեան բռնած ուղին ճիշդ էր: Ի վերջոյ քաղաքական բեմէն հեռացուեցաւ – իր իսկ հրաժարումով – Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, իսկ նորընտիր նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան վերահաստատեց Դաշնակցութեան օրինական լիիրաւ գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ:

Բայց տարաբախտ ընկեր Հրայրը ի վիճակի չեղաւ վայելելու յաղթանակը Դաշնակցութեան ճշդած եւ իր առաջնորդած ազգային-քաղաքական ուղիին:

21 Դեկտեմբեր 1998ին Հրայր Մարուխեան արձակեց իր վերջին շունչը, մայր հայրենիքէն հեռու՝ Աթէնքի մէջ: Դեկտեմբեր 24ին իր անշնչացած մարմինը ամփոփող դագաղը փոխադրուեցաւ Երեւան: Հրայր Մարուխեան թաղուեցաւ Երեւանի Թոխմախ գերեզմանատան քաղաքային պանթէոնին մէջ, ոչ շատ հեռու Հայաստանի անկախութեան հիմնադիրներէն՝ Արամ Մանուկեանի գերեզմանէն:

Դեռ լրիւ չէ պեղուած ու ըստ արժանւոյն դեռ համադրուած չէ գաղափարներու եւ գործունէութեան այն կրակուբոց աշխարհը, որուն ինքնուրոյն եւ կենսունակ մարմնաւորումը եղաւ ընկեր Հրայր Մարուխեան:
Կազմակերպական եռուն կեանքի եւ քաղաքական բուռն գործի հրամայականները հնարաւորութիւնը չընձեռեցին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի շուրջ քառորդ դարու ներկայացուցիչին, որպէսզի կարենար հրապարակագրական յօդուածներէ, հարցազրոյցներէ եւ հրապարակային ելոյթներէ անդին անցնիլ ու անձամբ, սպառիչ աշխատասիրութեանց տեսքով, հանրութեան պարզել գաղափարական իր աշխարհին ու քաղաքական մտածողութեան ամբողջ ծաւալն ու խորութիւնը:

Այսուհանդերձ՝ դաշնակցական մամուլի էջերուն ցրուած ընկեր Հրայրի գաղափարագրական ժառանգութիւնը այնքան հարուստ է, որ նոյնիսկ մեծադիր հատոր մը անբաւարար պիտի ըլլայ մէկտեղելու այդ բոլորը: Այս առումով, ընկեր Հրայր նաեւ ճակատագրակից եղաւ ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու իր պաշտօնակից ընկերներուն՝ բժիշկ Բաբկէն Փափազեանի եւ Սարգիս Զէյթլեանի հետ, որոնք ուղղակիօրէն գրչի մարդիկ ըլլալով հանդերձ՝ կազմակերպական իրենց պատասխանատուութեանց բերմամբ, իրենց հերթին, ժամանակը չունեցան հրապարակագրութենէն անդին անցնելու: Բացառութիւն կազմեց անոնց պաշտօնակիցներէն ու սերնդակիցներէն միայն ընկեր Հրաչ Տասնապետեանը, որ կազմակերպական նոյնօրինակ իր պատասխանատուութեամբ հանդերձ՝ յատուկ ճիգ թափեց հատելու հրապարակագրութեան սահմանը եւ առանձին հատորներով լոյս տեսած աշխատասիրութիւններ կտակելու դաշնակցական գրականութեան:

Ընկեր Հրայր Մարուխեանի գաղափարական դիմանկարի ուրուագծման դիտանկիւնէն՝ կարեւոր նշանակութիւն ունի անոր սերնդակից ու պաշտօնակից ընկերներուն վերաբերեալ այս յղումը, որովհետեւ տարագիր Դաշնակցութեան կեանքին մէջ սերնդափոխութիւն առաջացնելու շարժումին ղեկավարները եղան անոնք՝ միասնաբար՝ հաւաքական մտածողութիւն զարգացնելով եւ հաւաքական ղեկավարութեամբ առաջնորդելով արդէն սփիւռքեան կազմաւորման իր փուլը ամբողջացուցած ՀՅԴ կազմակերպութիւնը: Անոնց գաղափարական ներդրումին ու կազմակերպական ղեկավարման ոճին արգասիքը եղաւ ՀՅԴ Բիւրոյի բարոյական հեղինակութեան բարձրացումը:

Կը բաւէ բաղդատական վերլուծումը կատարել 70ականներուն եւ 80ականներուն անոնց արծարծած խնդիրներուն ու պաշտպանած դիրքորոշումներուն, անդրադառնալու համար որ անոնք ձեռնարկած էին Հայաստանի ու հայութեան ազգային ազատագրութեան դատին ի խնդիր գաղափարական վերանորոգման շարժումի մը՝ քսաներորդ դարավերջի առանձնայատուկ արժեչափերով եւ աշխարհընկալումով: Դարձած էին դրօշակիրները հրապարակային բանավէճի մը, ուր սեփական մօտեցումերու եւ մտածողութեան հիմնաւորումով ու պաշտպանութեամբ՝ երբեմն նաեւ տարակարծութիւններու դրսեւորումով, գաղափարականօրէն թափ տուին Հայ Դատի պայքարին քաղաքական ու կազմակերպական վերանորոգումին:

Գաղափարական վերանորոգման այդ կենսունակ շարժումին մէջ իր վճռորոշ տեղն ու առաջնորդող դերը ունեցաւ Հրայր Մարուխեան, որուն մահուան 19րդ տարելիցը կþոգեկոչենք այսօր:
Կը յիշենք եւ կը խոնարհինք Անձին ու Գործին առջեւ Հայու եւ Դաշնակցականի անձնուէր, այլեւ առինքնող յառաջամարտիկը հանդիսացող Հրայր Մարուխեանի:

Եւ որքան տարիները թաւալին, այնքան կը պայծառանայ բաց ճակատը հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան Յանդուգն Կամքին, որ Հրայր Մարուխեան անունով իր անջնջելի դրոշմը դրաւ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի նորօրեայ կեանքին վրայ:

 

Եզակի Ժողովուրդին Եզակի Հայրենիքը

0
0

ՊԵՏԻԿ

Հաստատ իրականութիւն է եւ այլեւս յաւելեալ փաստերու չի կարօտիր, որ հայերը պէտք Է կոչել եզակի ժողովուրդ եւ Հայաստանը` եզակի հայրենիք:

Բոլորս բարձրաձայն կը յայտարարենք, որ Հայաստանը առաջին երկիրն է, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած է իբրեւ պետական կրօն, որուն կը հետեւի` աշխարհի առաջին աթոռանիստ եկեղեցին կառուցուած է Հայաստանի մէջ, որն է Ս. Էջմիածինը: Իսկ հայագէտ Լորտ Պայրըն կ՛ըսէ, հայերէնը Աստուծոյ հետ խօսելու լեզուն է:

Ճարտարապետական կարեւոր իրականութիւն է, որ աշխարհի հնագոյն մայրաքաղաքը կառուցուած է Հայաստանի մէջ` Հռոմէն 29 տարի առաջ: Երեւան այսօր 2799 տարեկան է: Հայաստանը տունն է առաջին գինեգործութեան, որուն հետքերը գտնուած են Արենիի մէջ: Անշուշտ ծանօթ է աշխարհահռչակ հայկական քոնեակը, որմէ Համաշխարհային Բ. պատերազմին Ստալին քանի մը տասնեակ սնտուկ ճամբած է իր դաշնակից ղեկավարներուն:

Այլ  նշանակալից իրականութիւն է, որ Հայաստանը աշխարհի այն հազուագիւտ երկիրներէն է, որուն բնակչութիւնը 97 առ հարիւր տոկոսով ունի ցեղային մէկ ծագում. այլ խօսքով, Հայաստանի բնակչութեան 97 տոկոսը հայ է: Այլ հարց, որ հայութեան ընդհանուր թիւը 12 միլիոն ըլլալուն` միայն 3 միլիոնը կը բնակի Հայաստանի մէջ:

«Կինես» կը հաստատէ, որ աշխարհի ամենաերկար ճոպանուղին հաստատուած է Հայաստանի Տաթեւի շրջանին մէջ, որ ունի 5752 մեթր երկարութիւն:

Անշուշտ բոլորս կը հիանանք Սեւանայ լիճի գեղեցկութեամբ, որ Կովկասի մեծագոյն լիճն է: Գիտէ՞ք, թէ Սեւանայ լիճին տարածութիւնը Հայաստանի ընդհանուր տարածութեան մէկ վեցերորդն է:

Այլ մէկ եզակի երեւոյթ. Հայաստանի վարժարաններուն մէջ ճատրակը կը դասաւանդուի` իբր մաս կրթական ծրագրի:

Եւրոպան տունն է 530 տեսակ թռչնազգիներու, իսկ Հայաստանը ունի անոնց 345-ը, որոնց մէջ են` բազէն, արծիւն ու կարապը:

Իսկ նուռը, որ ճանչցուած է իբրեւ Հայաստանի խորհրդանիշ, իր կողքին ունի նաեւ ծիրանը, որ մենք ծանօթացուցինք ամբողջ աշխարհին:

Թող հպարտ ըլլան հայ օրիորդներն ու տիկինները, որոնք կը նկատուին աշխարհի ամենագրաւիչները:

Իսկ տխուր մէկ իրականութիւն` Արարատ լեռը, որ խորհրդանիշն է Հայաստանի եւ հայութեան, այսօր կը գտնուի մեր սահմանէն դուրս: Ատենը չէ՞ որ «արի տուն» կոչը ուղղուի մեր սուրբ լերան:

 

 


Մեր Շարականները

0
0

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Տեսերիզի մը մէջ երկու հայ երիտասարդներ կիսափուլ, պատմական հայկական եկեղեցիի մը կամարներուն տակ «Տէ՛ր, ողորմեա՛»  կ՛երգեն, կամարները կ՛արձագանգեն ու աղօթքի սաւառնող մեղեդիները մագնիսի պէս ներս կը կանչեն զբօսաշրջիկները, մեծամասնութեամբ` օտար:

Զիրենք շրջապատողները, լուռ ու երկիւղած, կ՛ըմբոշխնեն հայկական այս հմայիչ շարականը, որուն նմանին, վստահ եմ,  չէին հանդիպած իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին:

Մեր շարականները…

Ես կը կարծեմ, որ ոեւէ անձ, նոյնիսկ եթէ հաւատացեալ մը չէ, մեր շարականները լսելէ ետք, անկարելի է, որ չփոխուի, անկարելի է, որ իր մէջ կուտակուած անհաւատութեան սառոյցը չհալի:

Սուրբ Գիրքերէն անդին ու աւելի՛, Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»-ի բիւրեղ տողերը որքան ճիշդ կը բնութագրեն մեր եկեղեցին ու մեր շարականները.

«Եկեղեցին հայկական` ծովուն դիմաց ալեկոծ,

Նաւահանգիստ մ՛է խաղաղ, ցուրտ գիշերին` հուր ու բոց,

Ու տօթակէզ ցերեկին, անտառ մըն է ստուերոտ,

Ուր շուշաններ կը ծաղկին շարականի գետին մօտ»:

Ինչ անստգիւտ պատկեր է վերջին տողը… Եւ, ինչո՞ւ չէ, բանաստեղծութեան բոլոր տողերը անխտիր:

Յաճախ աշակերտներուս ըսած եմ. «Երբ ձեր հոգին կ՛ալեկոծի, երբ կը մթագնի աշխարհը ձեր աչքին, եկեղեցի գացէք ու այնտեղ փակ աչքերով ամփոփուեցէք ու անոր խնկաբոյր մթնոլորտին մէջ ականջ դրէք մեր շարականներուն ու պիտի տեսնէք, թէ ինչպէ՛ս վայրկեաններ ետք պիտի փարատի մշուշը, եւ պիտի խաղաղի ալեկոծումը ձեր հոգիներուն»:

Հայկական եկեղեցիներու ճարտարապետական հանճարեղ կառոյցը, իր դէպի երկինք սլացող գմբէթով, իր պատերէն ներս այնպիսի մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, որ ակամայ մեզ կը վերացնէ ու դէպի երկինք ճամբայ մը կը բանայ: Ահա՛ այս վերացումն է, որ մեզ դուրս կը քաշէ մեզ շրջապատող ու կալանող հոգերէն ու մտատանջութիւններէն:

Ըրածս քարոզ չէ, ոչ ալ նպատակ ունիմ քարոզիչ դառնալու եւ առանց խօսածիս անձնապէս հաւատալու, ժողովուրդը օրօրելու անհոգի յորդորներով, ինչպէս երբեմն առ ի պարտականութիւն կ՛ընեն կարգ մը քարոզիչներ:

Մեր եկեղեցիէն դուրս, երբ հեռատեսիլէն կը տեսնեմ հարիւրաւոր ունկնդիրներու դիմաց դերասանական շարժումներով ցատկռտող արհեստավարժ քարոզիչ մը, ուղղակի կը զզուիմ ու կը մեղքնամ զինք ունկնդրող միամիտ հասարակութեան: Մարդիկ իսկական առեւտուրի վերածած են կրօնը:

Անոնցմէ տարբեր չեն Հայաստանի մէջ քաղցկեղի պէս տարածուող աղանդները, յատկապէս` Եհովայի վկաները, որոնց կասկածելի եւ վնասակար գործունէութեան առջեւ պետութեան կողմէ արգելք չի դրուիր, մինչ նոյն աղանդին հարիւրաւոր կեդրոնները փակել տուաւ Մոսկուան:

Ո՜ւր էինք, ո՛ւր հասանք: Սակայն` մէկ բան, մերն ուրիշ է:

 

 

Կեդրոնականցի Արմենակ Եւ Կոմիտասներ

0
0

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

Արմենակ տոմս գնած է, նաեւ` մեզի համար: Ներկայ պիտի ըլլանք հայ բեմադրիչի պատրաստած ժապաւէնին:

Կ՛ըսուի` չիք չարիք առանց բարիքի, իսկ Արմենակի բարիքին հետ իր գլուխը կը ցցէ չարիքը:

Ներկայացման սրահի անկիւնի սրճարանը նստած` կը սպասէինք, որ թատրոնի դռները բացուին: Ուրիշ հայեր ալ կային, երէցներ: Երիտասարդները ի՞նչ գործ ունին, կիրակի օրով, սրահի մը մէջ, ուր ճազ չկայ, ոչ ալ գետին` դոփելու գոռացող բառերը չհասկցուող «ազգասիրական» երգ:

Ինչպէս միշտ, Արմենակ ցաւցնող նորութիւններ կ՛ունենայ ուրախութիւններու վրայ քացախ թափելու համար: Այս անգամ ալ չդաւաճանեց աւանդութեան:

Երբ առանց շաքարի սուրճին պատիւ կ՛ընէինք, Արմենակ պատմեց հետեւեալը.

– Մեր շէնքի հայ ընտանիքներէն երկուքը իրենց զաւակները կը ղրկեն հայկական վարժարան, արդէն անոնցմէ երկուքը աւարտական կարգ հասած են: Երբ տոմսերը առած` տուն կու գայի, քաղաքավարութեամբ բարեւեցին: Իրենց ըսի, որ Կոմիտասի մասին ժապաւէն պիտի ցուցադրուի, լաւ կ՛ընեն, եթէ իրեն ալ գան: Հարցուցի, թէ գիտէի՞ն, թէ ո՛վ էր Կոմիտաս: Երանի չհարցնէի:

Երեքով` Էլպիս, Մակարուհի եւ ես, զարմացած սպասեցինք հասկնալու համար, թէ ինչ կրնար պատահած ըլլալ, որ Արմենակ զղջացած ըլլար:

– Էրիքը, որ լուրջ տղայ է, ըսաւ, որ Կոմիտաս թաղի եկեղեցիին վարդապետն է, իսկ ետ չմնալու համար Ալեն ըսաւ, որ արուարձանի տուտուկ չալողն է:

Արմենակ լռեց: Էլպիս, որ միշտ կորսուած դատերու պաշտպան է մաքրակրօն Արմենակի դէմ, ըսաւ.

– Ի՞նչ մեղք ունին Էրիքը եւ Ալենը, նաեւ` անոնց ծնողները, որոնք զոհողութեամբ հայկական վարժարան կը ղրկեն իրենց զաւակները, եթէ տասը տարուան ընթացքին ուսուցիչները թաղի վարդապետէն եւ տուտուկ չալողէն տարբեր Կոմիտասով մը չեն յաջողած հետաքրքրել Էրիքը եւ Ալենը:

Մակարուհին ետ չմնալու համար լրացուց.

– Հայ դպրոցը թաղի եւ թաղականի գաղթականի հպարտութիւն պատճառող մարմար չէ: Լուսանկարուող ջոջերը, դպրոց թէ ճաշկերոյթ, աւելին չեն տեսներ, չեն ուզեր տեսնել, չեն կրնար տեսնել:

Արմենակ եզրակացուց.

– Մակա՛ր, գրէ՛, երբ զոհողութեան մասին ճառեր կը խօսուին, թող ըսեն` ի՞նչ ընելու, ո՞ւր հասնելու եւ ո՞ւր հասցնելու համար…

Երբ սրահ կը մտնէի, մտածեցի, որ յանկարծ սխալ հասցէի եկած չըլլանք, եւ բեմին վրայ չգտնենք թաղի վարդապետը կամ տուտուկ չալող Կոմիտասը…

Դարք եւ բարք…

19 նոյեմբեր 2017

Կեանք Փրկած Վերարկուն

0
0

Մարաշէն Մինչեւ Եգիպտոս Ու Այսօր Արդէն` Երեւան. Կեանք Փրկած Վերարկուի Մը Պատմութիւնը

Եգիպտահայ Երուանդ Գանիմեան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնեց իր հօր վերարկուն: Հայրը` Էֆլաթոն Գանիմեանը, այս վերարկուն կրած է Մարաշէն մինչեւ Եգիպտոս գաղթի ճանապարհին:

Էֆլաթոն Գանիմեան բազմանդամ ընտանիքի մը Յովհաննէս Գանիմեանի եւ Մարիամ Չալէեանի եօթներորդ զաւակն էր, ծնած էր Մարաշ, 16 օգոստոս 1900-ին:

Ինչպէս կը յայտնեն թանգարան-հիմնարկէն, 1920-ի սկիզբը, երբ ֆրանսական զօրքերը կը հեռանային Մարաշէն, Էֆլաթոն Գանիմեանը գաղտնի միանալով անոնց` հեռացած է հայրենի քաղաքէն: Ցուրտ եղանակային պայմաններուն դիմակայելու համար Մարիամ` Էֆլաթոնի մայրը, իրենց տան գորգը վերաձեւած է վերարկուի եւ տուած` որդիին: Ֆրանսական զօրքերուն հեռանալէն ետք քեմալականները կը մտնեն Մարաշ, հայերը կը դիմեն ինքնապաշտպանութեան եւ շուրջ 20 օր կենաց ու մահուան կռիւ կը մղեն: Երիտասարդ Էֆլաթոն փրկուեցաւ վերահաս մահէն` նախապէս փախուստի դիմելով:

Էֆլաթոն Գանիմեանը Եգիպտոս գաղթելէ ետք կ’ամուսնանայ Ազնիւ Օրջանեանին հետ եւ անոնք կ’ունենան հինգ երեխայ: Էֆլաթոն Գանիմեանը մահացած է 1985-ին:

Մարաշը (Գերմանիկ) կը գտնուի լեռնային Կիլիկիոյ մէջ, Ատանայէն մօտ 60 քմ հիւսիս, Տաւրոսի լանջերուն, Սէյհան կամ Ճիհուն գետի արեւելեան հովիտին մէջ, այժմեան Թուրքիոյ մէջ:

Մարաշ անունը յայտնի է հին ժամանակներէն: Ան Կիլիկիոյ հայաշատ ու հարուստ քաղաքներէն էր: Դեռեւս խաչակրաց արշաւանքներու շրջանին (11-13 դարեր) Մարաշի եւ անոր շրջակայքի հայերը բնակչութեան գերակշռող տարրն էին: 16-րդ դարուն Մարաշը անցած է Օսմանեան Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ:

Ժամանակակից Մարաշը հիմնադրուած է 17-րդ դարուն: Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ Մարաշը ունէր շուրջ 40,000 հայ բնակիչներ, որոնք հիմնականին մէջ կը զբաղէին առեւտուրով, արհեստներով, երկրագործութեամբ:

1918-ին, Մուտրոսի զինադադարէն ետք, երբ թրքական զօրքերը դուրս բերուեցան Կիլիկիայէն, շուրջ 25.000 մարաշցիներ, որոնք 1915-ին քաղաքէն տարագրուած ու հրաշքով ողջ մնացած էին, վերադարձան իրենց հայրենի քաղաք:

Օգտուելով դաշնակիցներու միջեւ առաջ եկած հակասութիւններէն` օսմանեան Թուրքիոյ արեւելեան կողմը, Մուսթաֆա Քեմալի գլխաւորութեամբ, հետզհետէ թափ առնող ազգայնական շարժումը սկսաւ նպատակաուղղուած բռնութիւններ կիրարկել հայ բնակչութեան դէմ` փորձելով կանխել անոնց վերադարձը:

21 յունուար 1920-ին քեմալական զօրքերը յանկարծակի յարձակումով զգալի կորուստներ կը պատճառեն քաղաքին մէջ ամրացած ֆրանսական կայազօրին: 1920-ին քեմալականները յաջողեցան պայմանաւորուիլ ֆրանսացիներուն հետ, որոնք իրենց զօրքերը դուրս հանեցին Կիլիկիայէն: Ֆրանսական հրամանատարութեան անորոշ դիրքորոշումը կը ստիպէ հայ բնակչութեան, խիստ անհաւասար պայմաններու մէջ, դիմել ինքնապաշտպանութեան: Ինքնապաշտպանական փոքրաթիւ ուժերը, այլեւս անկարող ըլլալով դիմակայել թրքական գերակշիռ ուժերուն, ստիպուած կ’ըլլան յանձնուելու թուրքերուն:

Շուրջ 20 օր տեւած գոյամարտը հայ ժողովուրդի պայքարելու վճռակամութեան ապացոյցն էր:

Փրկուած մարաշցիներու պատառիկները ապաստան գտան Սուրիոյ, Լիբանանի, Կիպրոսի, Եւրոպայի, Պաղեստինի, Եգիպտոսի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Մարաշցիները իրենց հայրենակիցներուն նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւն ցոյց տալու համար 1924-ին կը հիմնեն Մարաշի հայրենակցական միութիւնը:

Երեւանի արեւելեան կողմը հիմնադրուած աւանը, ուր բնակութիւն  հաստատած են ներգաղթած մարաշցիները, ի պատիւ Մարաշի` անուանուած է Նոր Մարաշ:

 

Դիմատետրեան Անկիւն. Կաղանդ Պապային Երգերը Եւ Մենք

0
0

ՎԱՐՈՒԺ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

Այս ալ ըսենք եւ շրջանցենք հակամանկավարժական մեր առօրեան: Կաղանդ, Կաղանդ պապա, Կաղանդի երգեր:

«Կաղանդ Պապան եկեր է,
Չիր ու չամիչ բերեր է,
Երկար պոպոզ դրեր է,
Ձիւնին մէջտեղ նստեր է»:

Մինչեւ հիմա խնդիր չկայ: Միայն թէ չամիչ-մամիչ թրքական չըլլան: Իսկ այնքան ատեն որ մեր աթոռէն հեռու է, ուր կ՛ուզէ թող նստի, մերինին չմօտենայ:

«Կաղանդ պապան շատ ծեր է,
Շալվարը վար կախուեր է,
Շալակը վար դրեր է,
Մեր տան դիմաց կայներ է»:

Սկսանք: Նախ` վերագրում կայ: «Շատ ծեր է»… Բայց մարդը դեռ ոտքի վրայ է: Ծեր է, ծեր չէ` ձեզի ի՞նչ: Յետոյ` շալվարին հետ ի՞նչ գործ ունիք… Կարելի չէ մարդը դատել իր ճաշակին համար: Ցած մէջք կը սիրէ հագնիլ, ձգեցէք թող ուզածը ընէ: Դեռ քանի՞ տարի պիտի ապրի որ… ուզածին պէս թո՛ղ ապրի:

Շալակն ալ ի՛րն է, ուր կ՛ուզէ կը դնէ:

Իսկ մեր տան դիմացը կայնիլը, խեր է… Այնքան ատեն որ կայնողը ելեկտրականութեան, ջուրի, աղբի դրամ հաւաքողը չէ:

Եկանք ամէնէն վտանգաւոր բաժինին.

«Չար Պետրոսին մոռցեր է,
Պարապ ձեռքով եկեր է,
Գող Խաչոյին խաբեր է,
Չորցած կաղին բերեր է»:

Նախ` Պետրոսը որ չար է, անպայման այդպէս ըլլալու իր պատճառները ունի: Հայրը կը ծեծէ մայրը, որ կատուին կը խածնէ, տան մէջ քրոջը կը շփացնեն… գուրգուրանքի պէտք ունի… ուրեմն ինչո՞ւ անոր չար ըսել եւ նուէրն ալ մոռնալ: Այս փոքրիկը վաղը աւելի պիտի չարանայ. կը տեսնէ՞ք:

Բայց Խաչոյին «գող» անուանելը անկարելի է ներել:

Ինչո՞ւ գող: Ի՞նչ գողցաւ: Մէկը տեսա՞ւ: Դատ դատաստան եղա՞ւ: Սա Խաչոն դեռ ե՞րբ ծնաւ, ե՞րբ հասաւ գողութիւն ընելու: Հիմա` մեծ գողերը բոլորը բռնեցիք, խեղճ Խաչոյի՞ն եկաւ կարգը:

Այդ չորցած կաղինները թափէ՛, սա փոքրիկին ալ տոպրակիդ մէջէն մարդավարի բան մը տո՛ւր:

Իսկ այս բոլոր լուրերը տանող-բերողը ո՞վ է…Երանի ըսի-ըսաւներու վրայ չհիմնուի: Մատնիչ… Յետոյ… երգ պիտի յօրինէք, բարիներուն վրայ յօրինեցէ՛ք: Հազարաւոր բարիները մոռցած` չար Պետրոսին եւ գող Խաչոյին ետեւէն էք:

Ո՞վ է այս երգին հեղինակը:

Կաղանդի օրով պէտք է աջ ոտքէն կախել:

 

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Երբ Մեռելները Կը Խօսին

0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

2011-էն ետք, երբ «Արաբական գարուն»-ը ժայթքեցաւ արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ,յստակ տարակարծութիւններ երեւան ելան: Այս տարակարծութիւններէն մէջտեղ եկան երեք ուղղութիւններ, որոնք որդեգրեցին անզիջող քաղաքական գիծեր: Առաջին գիծը կը ներկայացնէին Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները,որոնց կը հետեւէին այլ երկիրներ, անոնք ամէն ջանք կը թափէին` վերացնելու Իրանի քաղաքական ազդեցութիւնը շրջանին մէջ: Երկրորդ ուղեգիծը Քաթարի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցած ուղեգիծն էր, որ կը համապատասխանէր Իսլամ եղբայրներու գաղափարախօսութեան: Վերջապէս, երրորդ գիծը, որ Իրանի քաղաքական եւ զինեալ ուղին էր, որուն մէջ կային Սուրիան եւ իբրեւ ոչ պետական կազմակերպութիւն, սակայն պետութեան մը ուժ ունեցող Հըզպալլան: Այս երեք ուղեգիծները այժմ պայքարի մէջ են այն բանին շուրջ, թէ ո՛վ պիտի կարենայ շահագործել պաղեստինեան հարցը իր քաղաքական հաշիւներուն համար:

Այս տարակարծութիւնը յստակօրէն երեւցաւՊոլսոյ մէջ 13 դեկտեմբերին տեղի ունեցած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան երկիրներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ արտակարգ վեհաժողովին, որ նուիրուած էր Երուսաղէմին եւ իբրեւ հակազդեցութիւն` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի յայտարարութեան, որ ան Երուսաղէմը ընդունեց իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք:

Սակայն ի՞նչ կրնային ընել իսլամական երկիրները, ոչի՛նչ, որովհետեւ ոչինչ սպասելի էր: Էրտողան կրցաւ որոշ կէտեր արձանագրել, սակայն անոր քաղաքական քարտերը սահմանափակ էին: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ` «զօրաւոր պատգամ մը պիտի յղուի Միացեալ Նահանգներուն», սակայն ոչինչ պատահեցաւ:

Սեթ Ֆրանցման հրէական «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին մէջ կը գրէ, որ Սէուտական Արաբիոյ, Պահրէյնի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Եգիպտոսի ղեկավարներու բացակայութիւնը յստակ պատգամ էր, որ անոնք պատրաստ չեն համաձայնելու Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ` պաղեստինեան հարցին շուրջ : Յօդուածագիրը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին ջանքերը` նկատի ունենալով, որ ան կը փորձէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի միջոցով ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, բան մը, որ զայրացուցած է Սէուտական Արաբիան: Յօդուածագիրը կը նշէ, որ Իսրայէլ պէտք է իր կապերը ամրապնդէ Սէուտական Արաբիոյ հետ, որպէսզի հաւասարակշռէ Իրանի ազդեցութիւնը շրջանին մէջ:

Արաբական մամուլը նաեւ անդրադարձաւ Երուսաղէմի հարցին շուրջ Յորդանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ քաղաքական ճեղքին: «Քուտս Արապի» օրաթերթը կը գրէ, որ արաբական խորհրդարանի վերջին վեհաժողովին բուռն վէճ ծագեցաւ սէուտցի եւ յորդանանցի պատգամաւորներուն միջեւ, որովհետեւ Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչները դէմ էին, որ Յորդանան միջամտէ Երուսաղէմի հարցով: Շատ հաւանական է, որ անոնք կը նախընտրեն Եգիպտոսի դերակատարութիւնը, որ կը բխի Սէուտական Արաբիոյ քաղաքական եւ շրջանային շահերէն:

Իսկ «Ինտիփենտընթ» օրաթերթին մէջ լրագրող Ռոպըրթ Ֆիսք կը գրէ.«Իսլամական այս երկիրները ի զօրու չեն, անոնք ձախող երկիրներ են, անոնք ո՛չ քաջութիւն, ո՛չ ալ մարդկութիւն ունին, որպէսզի իրենց ներկայութիւնը փաստեն Պոլսոյ մէջ իսլամական երկիրներու վեհաժողովին»:

Գաղտնիք մը չէ, այլ` պատմական փաստ, որ արաբական երկիրներ պատմութեան մէջ դաւաճանած եւ քաղաքական խաղաքարտի նման օգտագործած են պաղեստինեան հարցը, որովհետեւ ո՛չ մէկը միտք ունի լուծելու այս հարցը: Նոյնիսկ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Կամալ Ապտել Նասեր Կազայի շրջանը կը նկատէր եգիպտական հողամաս, եւ զարմանալի չէ, որ մինչեւ 1967 ոչ մէկ արաբական երկիր ճանչցաւ Պաղեստինը իբրեւ անկախ պետութիւն: Ընդհակառակն, Յորդանանը եւ Եգիպտոսը փորձեցին պաղեստինեան հողամասերը իրենց սահմաններուն միացնել: Սէուտական Արաբիան ոչ մէկ ճիգ պիտի թափէ այս հարցով, մանաւանդ որ մխրճուած է Եմէնի մէջ, եւ անոր մայրաքաղաքը հուսիներու կողմէ հրթիռային թիրախ դարձած է: Կը մնայ իրանեան քաղաքական գիծը, սակայն ասիկա միայն կրնայ նոր պատերազմ մը հրահրել Կազայի մէջ եւ ոչ թէ` խաղաղութեան դիմաց ճամբայ մը հարթել:

Yeghia.tash@gmail.com

 

«Լրագրողներ Առանց Սահմաններու». 2017-ին Աշխարհի Մէջ Զոհուած Են 65 Լրագրողներ

0
0

Դեկտեմբեր 19-ին «Լրագրողներ առանց սահմաններու» միջազգային կազմակերպութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած զեկոյցի մը համաձայն, 2017-ին աշխարհի տարածքին զոհուած լրագրողներուն թիւը կը հասնի 65-ի, որ 18 տոկոսով նուազ է մէկ տարի առաջ արձանագրուած թիւէն:

Զեկոյցին մէջ ըսուած է, որ` «2017-ին աշխարհի մէջ զոհուած են 65 լրագրողներ, որոնցմէ 26-ը իրենց պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին դարձած են վտանգաւոր մահացու իրավիճակներու զոհեր, ինչպէս` հրացանաձգութեան կամ ահաբեկչական գործողութիւններու: Մնացեալ 39-ը սպաննուած են, որովհետեւ անոնց նիւթերը կը սպառնային քաղաքական, տնտեսական կամ յանցաւոր այս կամ այն շահերուն: Սակայն այս տարի զոհուած լրագրողներու թուաքանակի 18 տոկոսով նուազում կ՛արձանագրուի` անցեալ տարուան համեմատութեամբ (79)»:

Կազմակերպութեան փորձագէտներու կարծիքով, այս տարի լրատուամիջոցներու աշխատողներուն համար առաւել վտանգաւոր երկիրներ դարձած են Սուրիան (12 զոհ) եւ Մեքսիքան (11 զոհ): Աղիւսակին մէջ անոնց կը յաջորդեն Աֆղանիստանը եւ Իրաքը, ուր նախորդ տարուան ընթացքին զոհուած են համապատասխանաբար ինը եւ ութ լրագրողներ:

Կը նշուի նաեւ, որ լրատուամիջոցներու 326 ներկայացուցիչներ ձերբակալուած են` իրենց մասնագիտական գործունէութեան պատճառով, մօտաւորապէս 54 լրագրողներ պատանդ կը պահուին, իսկ երկու հոգի ալ անհետ կորսուած են:

Պատուելով Հայ Որբերի Հերոսին` Պալապան Հոճային

0
0

ՄԵԼԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
Հոգեբանական գիտութիւնների թեկնածու

Սարգիս Պալապանեանը, իր աշակերտների համար` Պալապան հոճան (1882-1963) Այնթապի մանկատան ուսուցիչն էր, ով վտանգելով իր կեանքը` փրկել էր հայ որբերին թուրքերից, երբ վերջիններս յարձակուել էին Այնթապի մանկատան վրայ: Նա ոչ միայն ուսողութիւն էր դասաւանդում, այլեւ օրինակ էր դարձել իր սաների համար: Թուրքիայից բռնագաղթից (Հայոց ցեղասպանութիւնից, «Ակունք»-ի խմբ.) յետոյ նա շարունակեց դասաւանդել Հալէպում` շարունակելով մարդկային կեանքեր փրկել:

Ի թիւս բազմաթիւ հերոսների, որոնք յայտնի են Ցեղասպանութեան ժամանակ իրենց բացառիկ արարքներով, ես մեծարում եմ նաեւ Պալապան հոճային` Այնթապում հայ որբերին, այդ թւում եւ իմ հօրը փրկելու համար:

Հայրս այնքան էր տպաւորուած Պալապան հոճայի հերոսութեամբ ու առաջնորդ լինելու ձիրքով եւ իրադարձութիւններն այնպէս էր նկարագրել, որ դրանք երեւակայութեանս մէջ այնպէս են տպաւորուել` կարծես շարժանկարում տեսած լինեմ: Հօրս նկարագրութիւնների շնորհիւ ես դեռ պատկերացնում եմ Պալապան հոճայի թաքցրած ատրճանակն ու նրա` հայ որբերին տուած հաւաստիացումները, թէ չվախենան: Ահա թէ ինչ է գրել հայրս 1920 թ. Այնթապի ամերիկեան որբանոցում կատարուած միջադէպի առնչութեամբ.

… Ամերիկեան մի կազմակերպութիւն, որը կոչւում էր Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց, որբանոց էր բացել Այնթապում: Մեզ նման հարիւրաւոր որբերով հաւաքւում էինք շէնքի դիմաց, ամէն օր որոշակի թուով որբերի ընտրում, ներս էին տանում, գրանցում, հաշուառում, լողացնում ու հագցնում: Ի վերջոյ մի օր նրանք վերցրեցին իմ կրտսեր եղբօրը` Պօղոսին: Երբ նրան հարցրին` «Արդեօ՞ք եղբայր կամ քոյր ունէք», նա տուեց մեր անունները: Այսպիսով, Հնազանդն ու ես նոյնպէս դարձանք որբանոցի խնամեալ: Նրանք ինձ ու Պօղոսին տեղաւորեցին տղաների բաժնում, իսկ Հնազանդին` աղջիկների: Նրանք մեզ տուեցին յատուկ համազգեստ, որի շապիկի թեւքերին համարներ էին գրուած: Պօղոսը 101-ն էր, ես էլ` 102-ը. Մենք շատ հպարտ էինք այդ թուերով, կարծես ռազմական շքանշան լինէր:

Քանի որ ես մի փոքր գրել-կարդալ գիտէի, ինձ գրանցեցին աւելի բարձր դասարանում, իսկ Պօղոսին` մանկապարտէզում: Մենք ամէն օր կանոնաւոր դասեր ունէինք, այդ թւում` երաժշտութիւն եւ մարմնամարզութիւն:

Այսպէս շարունակուեց մինչեւ 1920 թ. սկիզբը, երբ ֆրանսացիները, ովքեր Այնթապում փոխարինել էին բրիտանացիներին, սկսեցին դուրս գալ այստեղից: Ի հարկէ թուրքերը ուրախ էին դրա համար, իսկ հայերը` վախեցած: Հայկական կազմակերպութիւններն սկսեցին որբանոցում հերթապահութիւն անել, որպէսզի թոյլ չտան` թուրքերը հայկական նոր ջարդեր իրականացնեն: Մենք սովոր ենք ամէն գիշեր տեսնել զինուած հայ մարդկանց, ովքեր շրջում էին շէնքի շուրջը եւ ապահովում մեր անվտանգութիւնը:

1920 թ. ապրիլեան մի առաւօտ մաթեմաթիքայի դասին էինք… Մեր ուսուցիչը` Պալապան հոճան, ում մի աչքը կոյր էր, շատ խիստ էր: Յանկարծ կրակոցի ձայներ լսուեցին, նա դասարանից դուրս վազեց, ապա վերադարձաւ, եւ ի զարմանս մեզ` գրպանից հանեց տասը միլլիմեթրանոց ատրճանակն ու հրամայեց.

– Երեխանե՛ր, պէտք չէ վախենալ,- ապա իջաւ բակ, որտեղից բղաւում էր «Silah bashina!», ինչը թուրքերէնից թարգմանաբար նշանակում է` «Ի զեն»:

Հայերի եւ թուրքերի միջեւ կռիւ սկսուեց:

Արդէն իսկ լարուածութիւն կար երկու խմբի միջեւ: Հալէպից բերուած որբեր կային, որոնց բնակեցրել էին թուրքական թաղամասում: Հայերի ղեկավար մարմինը ապահովութեան համար այդ որբերին բերել էր մեր որբանոց: Ֆրանսական բանակը կայանել էր հայկական թաղամասում` Ամերիկեան քոլեճի յետեւում, սակայն այդպէս էլ չխառնուեց բախմանը: Թուրքիայի յարձակումները շարունակուեցին գրեթէ մինչեւ այդ տարուայ աշունը: Անմիջապէս մանկատան դիմաց` թուրքական թաղամասում, մզկիթ կար, որտեղից էլ թուրքերը կրակ էին արձակում: Բարեբախտաբար, մեր մանկատան շէնքի յետեւում մի մեծ քարանձաւ կար, որտեղ ապաստանում էինք վտանգի դէպքում: Մեծ տղաները քարանձաւից մեր մանկատուն միջանցք էին բացել, այնպէս որ, մենք կարող էինք ապահով հասնել մեր ննջասենեակ: Աւազներով լի պարկերը պաշտպանում էին մեր ննջարանների պատուհանները:

Սարգիս Պալապանեանը ծնուել էր 1882 թ. մայիսի 15-ին, Այնթապում, մի թաղամասում, որի բնակչութեան կէսը հայեր էին: Նա հինգ քոյր եւ չորս եղբայր ունէր, ովքեր վաղամեռիկ էին: Չորս տարեկան հասակում պատահարի պատճառով կորցրել էր աչքը: Նրա մայրը որոշել էր տղայի մազերն աճեցնել մինչեւ տասը տարեկան, ապա դրանք կտրել Սուրբ Գէորգ եկեղեցում` տղայի խնամակալութիւնը վստահելով տեղի սուրբ հօրը: Քանի որ թաղի երեխաները երկար մազերի համար ծաղրում էին նրան, եօթ տարեկանում մտնում է վարսավիրանոց եւ մազերը կտրել տալիս` զայրացնելով մօրը: Ինը տարեկանում նա կորցնում է հօրը եւ ստիպուած լինում լքել աւետարանական դպրոցն ու աշխատել, որպէսզի աջակցի իր ընտանիքին: Սկսում է ծխախոտ վաճառել: Քանի որ թուրք տղաները հանգիստ չէին թողնում հայ տղաներին, նա սովորել էր ջախջախել թշնամուն. այդ ընդհարումների պատճառով մի օր նրա գլուխը պատռուել է քարի հարուածից:

Իր յուշերում [Balabanian, Sarkis (Balaban Khoja), 1983, The Hot and Cold Days of my Life (in Armenian) Toranian, T (Ed.), Aleppo: Shark], որոնք լոյս են տեսել յետմահու, Պալապանեանը նկարագրում է իր կողմից կեանքեր փրկելու մի քանի դէպք.

«1916 թ. ամռանը սկսեցին Թուրքիայից տեղահանել աւետարանչական եւ կաթոլիկ հայերին, առաքելական հայերին արդէն իսկ ուղարկել էին անապատների խորքերը: Նրան խնդրել էին աշխատել մի ամերիկեան որբանոցում, որտեղ հոգ էին տանում աւելի քան 150 հայ որբի մասին: Նա աշխատում է ոչ միայն որպէս նպարեղէն վաճառող, այլեւ` որպէս ուսուցիչ եւ որբացած երեխաների հայր: Ի լրումն իր պարտականութիւնների` Պալապանեանն օգնութիւն էր տրամադրում նաեւ բանտարկեալներին: Ինքը եւս բանտարկեալ էր եղել եւ անձնակազմին լաւ գիտէր: Բայց դա չէր խանգարել, որ նրան ծեծի եւ շանթաժի ենթարկէին` բանտարկեալներին օգնելու համար:

1916 թ. փետրուարեան մի ցրտաշունչ օր մանկատան համար հաց գնելիս հանդիպում է մի կնոջ, ով լացում էր մի փոքրիկ տղայի համար, ում բռնի պահում էին: Նա գրում է. «ինձ համար այս այրու խնդրանքը անակնկալ չէր, քանի որ նրա պէս շատերն էին ինձ խնդրել` օգնելու այնպիսի բարդ իրավիճակներում, ինչպիսիք են` առեւանգումը, ազատազրկումն ու բռնի իսլամացումը»:

Սուազցի այրին տեղահանութիւնից յետոյ Այնթապում կարողացել էր աշխատանքի անցնել մի չեչեն մեծահարուստի տանը` այդպիսով փրկելով իր կեանքը: Այդուհանդերձ, նա եկել էր ոչ թէ իր, այլ հայ երեխայի համար: Արցունքներն աչքերին նա պատմում էր, որ մի շաբաթ առաջ իր տէրը գնել էր այդ երեխային Այնթապի Թել Պաշար գիւղից, մտադիր էր թլբատել տղային ու իսլամացնել: Չնայած որ երեխան դիմադրում էր: Տէրն այլ կերպ էր պատժում տղային. երկու օր էր` սովի էր մատնել, սակայն երեխան յամառօրէն դիմադրում էր: Այրին խնդրում է Պալապանեանին` փրկել տղային: Պալապանեանը շարունակում է. «այրին դուրս եկաւ հացի կրպակից: Ես հետեւեցի նրան, որպէսզի իմանամ փոքրիկ հերոսի տեղը: Մենք երկար քայլեցինք, մինչեւ որ հասանք Քիւրտ անուամբ գագաթը, որի հիւսիսային լանջին տեղակայուած էր տունը: Նախքան բաժանուելը` մենք պայմանաւորուեցինք փախցնել տղային:

Ուշ ձիւնառատ մի գիշեր, երբ բոլորը ներսում էին, ես` էշի վրայ, ներխուժեցի դէպի չեչենական ոճրաբոյն. հայ տղան զգուշաբար ինձ էր որոնում:

Ես հեռաւորութեան վրայ տեսայ տղային: Մեր պայմանաւորուածութեան համաձայն, նա դրսում էր: Խեղճ երեխան իր շնչով տաքացնում էր սառած ձեռքերը: Ես զարկեցի էշին, որպէսզի արագ առաջ շարժուի: Հասայ տղային: Զգուշօրէն ստուգեցի շրջակայքը. ոչ ոք չկար: Միայն քամին էր սուլում եւ ձիւնը շաղ տալիս դէմքիս:

Առանց ժամանակ կորցնելու` ես մօտեցայ փոքրիկ տղային եւ հայերէն ասացի, որ եկել եմ նրան փրկելու: Տղան երջանիկ էր: Ես նրան դրեցի խուրջինի գրպանում եւ ասպատակեցի էշս: Երբ որ զգացի, որ համեմատաբար ապահով ենք, եւ մեզ ոչ ոք չի հետեւում, տղան պատասխանեց ինձ, որ իր անունը Խնդիր է, մայրը Հայկանուշն է, իսկ հայրը` Արտաշէսը, եւ որ ինքը Խարբերդից է: (89-91)

Մենք սառցակալած հասանք քոլեճի դրանը: Ես վերցրեցի երեխային խուրջինի գրպանից եւ տարայ դռնապանի սենեակ: Նա հազիւ հինգ տարեկան էր: Ունէր սեւ աչքեր, երկար թարթիչներ ու կարմիր այտեր: Դէմքը բաւականին հայկական էր: Նրան գրկած` գնացի որբանոցի հսկիչի` տիկին Օվսաննա Գուփելեանի մօտ եւ ներկայացրեցի իրավիճակը»:

Տիկին Օվսաննան հրաժարւում է ընդունել երեխային եւ Պալապանեանին խորհուրդ տալիս հոգ տանել իր ընտանիքի մասին, քանի որ նա կարող է պատժուել, վերջ ի վերջոյ քանի որբ կարելի է փրկել եւ այլն: Իմ առաջարկը տիկին Օվսաննային կրկնելու փոխարէն` վերցրեցի երեխային եւ գնացի տնօրէնի` պարոն Մերիլի աշխատասենեակ:

Այս հիանալի մարդը գրկում է երեխային եւ հրաւիրում Պալապանեանին նստել: Երբ Պալապանեանը պատմում է տղայի պատմութիւնը, պարոն Մերիլն արտասւում է: Այնուհետեւ տիկին Մերիլը հարցնում է ամուսնուն` արդեօ՞ք չի ցանկանում որդեգրել փոքրիկ տղային: Ամուսինը համաձայնՂում է, եւ տիկին Մերիլը երեխային յանձնում է սպասուհուն, որպէսզի վերջինս լողացնի եւ կերակրի նրան:

Այնուհետեւ Պալապանեանն ու Մերիլները աղօթում են Աստծուն` խնդրելով, որ վերջ դնի մարդկանց տառապանքներին:

Ապա Պալապանեանը մէկ այլ պատմութիւն է պատմում այն մասին, թէ ինչպէս է ութ ամիս անց հանդիպում մի երիտասարդ կնոջ, ում եւս տեղահանել էին Թուրքիայից: Այնտեղ` մի մեծ գործարանում, որպէս փախստականների ղեկավար, նկատում է մի երիտասարդ կնոջ, ով ամէն օր լալիս ու աղօթում էր բակի մի անկիւնում: Մի օր համարձակւում է մօտենալ նրան եւ հարցնել, թէ ինչո՛ւ է լաց լինում: Երիտասարդ կինն ի պատասխան ասում է.

Եղբա՛յր, իմ ցաւը սահման չունի: Նախքան ես կը լքէի Խարբերդը, ամուսնուս տարան, ինձ էլ երկու երեխաներիս հետ տեղահանեցին: Իմ նորածինը մահացաւ ճանապարհին: Իսկ միւսին խլեցին ինձնից Այնթապի Թելպաշար գիւղի մօտակայքում: Մինչ օրս ես լսում եմ նրա ճիչը` «մայրի՜կ, մայրի՜կ, նրանք ինձ տանում են… փրկի՛ր ինձ, մայրի՜կ:

Նրա խօսքերը մղկտացրին Պալապանեանի սիրտը: Երբ երիտասարդ կինը մի փոքր հանդարտուեց եւ նայեց նրան, վերջինս մտածեց, որ ինչ-որ տեղ տեսել է այդ աչքերը: Պալապանեանը հարցնում է տղայի անունը: Կինը պատասխանում է. «խնդիր: Նա իմ աւագ որդին էր: Ես աղաչում էի Աստծուն, որ ինձ արու զաւակ շնորհի` խոստանալով նրան հաւատացեալ, լաւ քրիստոնեայ դաստիարակել»: Հարցրեցի նրան, թէ արդեօ՞ք որդու աչքերը նման են իր աչքերին: Նա դրական պատասխանեց եւ սկսեց նորից արտասուել: Պալապանեանը խոստանում է օգնել նրան, այնուհետեւ հարցնում է կնոջ անունը: Իմանալով, որ կնոջ անունը Հայկանուշ է, իսկ նրա հանգուցեալ ամուսնու անունը` Արտաշէս, Պալապանեանը համոզւում է, որ Խնդիրը նրա որդին է: Ես հաւատացրեցի նրան, որ իր որդին կենդանի է եւ ապահով ձեռքերում է գտնւում: Պալապանեանը տիկին Մերիլին նամակով յայտնում է ողջ պատմութիւնը: Տիկին Մերիլը Խնդրին ուղարկում է Հալէպ, որտեղ նա վերամիաւորւում է մօր հետ:

1933 թ., երբ Հալէպի Ուսումնասիրաց դպրոցում ուսուցիչ էր եւ զբաղուած էր աւարտական արարողութիւններով, մի հիանալի երիտասարդ է մօտենում նրան, հանում գլխարկը, եւ գրկում զարմացած Պալապանեանին` ասելով. «Հոճա՛, մոռացե՞լ էք Խնդրին: Քանի որ Պալապանեանը մաթեմաթիքայի դասին բազմաթիւ խնդիրներ էր լուծել, հիացաւ տղայի առաջարկած խնդրով: Ապա Խնդիրը բացատրեց, թէ ո՛վ է ինքը: Պալապանեանը յիշեց ու ողջունեց նրան: Խնդիրը ժամանել էր Միացեալ Նահանգներից, հայ հարսնացու էր փնտռում: Նրանք խարբերդցի մի հայ աղջիկ գտան, հարսանիք արեցին եւ ուղարկեցին Ամերիկա:

Պալապանեանը գրում է.

Կազմելով հայկական ընտանիք` Խնդիրն իր վրէժը լուծեց թուրքերից:

Պալապանեանի յուշերը լի են նման պատմութիւններով:

Նա կամաւորագրւում է բրիտանական բանակ եւ ուղարկւում Այնթապ: Թուրքական զինուորական համազգեստով, հրազէնով եւ 150 փամփուշտով` ճանապարհին որպէս թուրք է ներկայանում: Ապրիլի 1-ին Պալապանեանը նկարագրում է իրադարձութիւնները, որոնք տեղ են գտել իմ հօր յուշերում.

Ապրիլի 1-ն էր: Աղօթքից յետոյ մտանք դասարան: Յանկարծ հրետակոծութեան ձայնը խախտեց մեր անդորրը: Ես ուսանողներին անմիջապէս նկուղ ուղարկեցի եւ որպէս այդ օրուայ հերթապահ` դիրքաւորուեցի: Երիտասարդների մի խումբ իր դիրքում էր: Դիմացի շէնքից կրակ բացեցին մանկատան շէնքի վրայ, բակի կանայք ու երեխաները խուճապահար եղան: Մեր հսկողութեան տակ գտնուող ժողովուրդը լցուեց ամերիկացիների շէնքը:

Պալապանն ու երիտասարդները զբաղեցրեցին իրենց դիրքերը` սպասելով հակայարձակման նշանի: Եւ եկաւ նշանը, որին յաջորդեց լռութիւնը. թուրքական կողմը պարտուել էր, հաշւում էր իր զոհերին:

Յաջորդող օրերին քաղաքը փոքր բերդ էր յիշեցնում: Այդ բերդում թէ՛ տղամարդիկ եւ թէ՛ կանայք ունէին իրենց պարտականութիւնները:

Պալապանեանը շարունակում է.

Տասնհինգ օր աչքերիս քուն չեկաւ, կօշիկներս չհանեցի, ընտանիքս ու երեխաներիս չտեսայ: Որբանոցի տնօրէնը կարեկցում էր ինձ` պահանջելով մի փոքր հանգստանալ:

Որբանոցի եւ Կարմիր խաչի ամերիկացի տնօրէնը` պարոն Պոյտը, ով որոշ ժամանակ դէմ էր մանկատան պաշտպանութեան համար իմ գաղտնի ռազմական գործունէութեանը, այժմ տեսնելով ինձ եւ իմ քաջ մարտիկների հերոսական պայքարը` եկաւ եւ ներողութիւն խնդրեց իր անարդարացի վերաբերմունքի համար:

Դրանից յետոյ մենք ընկերներ դարձանք:  Դուք կարո՞ղ էք պատկերացնել, որ նա նոյնիսկ տուեց ինձ «Պրաունինկ (ատրճանակ)»:

Պայքարի հինգերորդ օրը թուրքերը հրադադար էին առաջարկել: Մենք ընդունեցինք: Օգտուելով առիթից` մենք որբանոցի դիմացի պատուհանների վրայ նորից աւազով լի պարկեր դրեցինք:

Հայ պատուիրակը, ով երբեք զէնք չէր կրել, տեսնելով երեք թուրք ժամապահի, կրակ է բացում նրանց վրայ` խախտելով հրադադարը հէնց այն ժամանակ, երբ պատուիրակութիւնը փորձում էր պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերել…

Թուրքական կանոնաւոր բանակը մօտենում էր որբանոցին, մինչդեռ բրիտանացի տնօրէնները հայերին արգելել էին զէնք կիրառել: Հիւանդանոցը, որբանոցը, եւ հայկական թաղամասը արեան գետերի վերածուելու վտանգի մէջ էին: Պալապանեանը շարունակում է.

Հետեւաբար ողջ պատասխանատուութիւնը ինձ վրայ վերցնելով` հրամայեցի տղաներին կրակել: Անհոգ մօտեցող թուրքական բանակը անակնկալի եկաւ մեր անսպասելի եւ վայրի յարձակումներից: Թուրքերը բազմաթիւ զոհեր տուեցին: Նրանք, ովքեր փրկուեցին, փախան: Նրանց զոհերի յստակ թիւը յայտնի չէ, միայն գիտեմ, որ պայքարի աւարտին նրանք այլեւս չէին համարձակւում մօտենալ մեր դիրքերին:

Եւ ես, երբ խրախուսում էի իմ մարտիկներին, յանկարծ լսեցի մի բարձր ձայն, որն ինձ էր կանչում: Շրջուեցի: Բժիշկ Շեֆարտն էր, ով արգելել էր ինձ կռուել: Նա գոռում էր.

– Հոճա՜, հոճա՜, ի՞նչ էք կարծում, կարո՞ղ էք դադարեցնել:

– Բժի՛շկ, ինչու՞ պիտի դադարեցնեմ: Ես պէտք է նորից ու նորից կրակեմ…

Այժմ հէնց ինքը` բժիշկ Շեֆարտն էր ասում.

– Պրաւօ՜, հոճա՛, կրակէ՛ք, այդ թուրքերը ստախօս են: Իմ ննջասենեակի պատուհանները ջարդուել են նրանց կրակոցներից: Այսուհետ ես ձեզ հետ եմ, մինչեւ մահ կռուելու եմ նրանց դէմ` ձեր կողքին:

Պալապանեանը շարունակում է նկարագրել այն համարձակ արարքները, որոնք ցոյց են տալիս, որ նա իր կեանքը նուիրել էր հայ ժողովրդին:

Եկէ՛ք` ոգեկոչենք Պալապան հոճային` մաթեմաթիքայի ուսուցչին, ով Ցեղասպանութեանը յաջորդած տարիներին` 1915-1920 թթ., փրկեց հայ որբերի կեանքը:

 

Գրականութիւն

Balabanian, S. (1983).  Gyankis Dak oo Bagh Orereh [The Hot and Cold Days of my Life]: Aintab, Kesab, Haleb, (T. Toranian, Ed.).
Burjlian. (1975).  Memories of Balaban Khoja.  In, Nor Aintab, Vol. XVI, No. 3, pp. 43-44.
Jamgotchian, H. (2004).  My Legacy, Yerevan: Dall (A. Jamgochian, Tr.), pp. 57-59.
Toranian, T. (1994).  Sarkis Balabanian (1882-1963).  Badmootyoon Antabi Hayots [History of Armenian Aintab], Volume III, E. Babayan (Ed.), pp 945-952.

* Ես շնորհակալ եմ իմ ընկեր Կեսար Չեքիճեանին, ով ծանօթացրեց ինձ Պալապան հոճայի պատմութեան հետ, երբ կարդաց հօրս յուշերը, եւ Յարութիւն Թերճայեանին` Սարգիս Պալապանեանի ուսանողին գտնելու համար, ով ինձ հետ կիսուեց իր յուշերով:

Անգլերէնից թարգմանեց
Անահիտ Քարտաշեանը

«ակունք»


Հայաստանի հողը կը պատկանի ամբողջ հայութեան

0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Կարդա՛լ Գոհար Աւետիսեանի յօդուածը «Առաջին Լրատւական»ի կայքին վրայ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան ոլորտէն ներս տեղի ունեցող ըստ ամենայնի կարճատես եւ ըստ էութեան մեր ազգային անվտանգութեան նորմերուն հակասող զարգացումներուն մասին։ Յօդուածին մէջ ընդգրկուած է մեծապէս շահեկան հարցազրոյց մը Հայաստանի Գինեգործներու Միութեան Նախագահ՝ Աւագ Յարութիւնեանի հետ, ուր կը խօսուի երկրի գիւղատնտեսական քաղաքականութեան լուրջ վրէպներուն մասին, բայց ուր դժբախտաբար կարելի յստակութեամբ չի խօսուիր Հայաստանի մշակելի հողատարածութիւններու օտարման երեւոյթի ռազմավարական լուրջ վտանգներուն մասին։

Ի սկզբանէ յստակացնենք, որ հոս տնտեսական «ազգայնամոլութեան» մասին չէ մեր խօսքը, այլ ազգային տնտեսութեան անփոյթ ղեկավարման պախարակելի երեւոյթին։ Հայաստանը կղզեակ մըն է բաղդատած արաբական, իրանեան եւ (յանկարծ նաեւ) հնդկական ցամաքային ովկիանոսներուն։ Այդ փոքրիկ կղզիին միայն 16%-ի տարածութիւնն է բնակելի եւ որուն մէկ մասն է միայն մշակելի եւ գիւղատնտեսական։ Թող ոեւէ օտարազգի անհատ փորձէ հող գնել — այն ալ հողային մեծ տարածութիւննե՜ր — Սէուտական Արաբիոյ անապատային տիեզերքէն… Գիտենք, թէ օրէնքը ինչպիսի՜ արգելքներ կը դնէ հողերու օտարման դէմ այդ երկիրներուն մէջ։ Հետեւաբար եկէք չխօսինք այն մասին, թէ ինչպիսի՞ բարոյական պարտք ունի հայը այդ ազնիւ ժողովուրդներուն հանդէպ։ Սփիւռքը իր պարտքին տէրն է եղած եւ կը շարունակէ ըլլալ։ Ամերիկեան յայտնի ասոյթի ոգիով կրկնենք՝ «խնձորները նարինջներուն հետ եկէք չշփոթենք»։

Հոս գործ ունինք Հայաստանի ներքին քաղաքական դաշտի մեծ անփութութեան հետ։ Մեծ ապիկարութեա՛ն մը հետ։ Եւ նորէն գործ ունինք օլիգարխիայի եւ մենաշնորհային համակարգի կործանարար քաղաքականութեան հետ։ Անկախութեան առաջին օրերուն (աւելի յստակ հասցէաւորումով ՝ Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան օրերուն), երկրի գիւղատնտեսական տարածքները զանգուածաբար փոխանցուեցան գիւղացիութեան։ Պատմական մեծ վայրկեան մըն էր։ Եւ սակայն հոն կանգ առաւ պատմական այս գործը։ Անփորձ ու աղքատ գիւղացին մնաց ինքնիր թոյլ և անբաւարար լուծումներուն այդ տարածքները արդիւնաւէտ զարգացման ենթահողի վերածելու սուր մարտահրաւէրներուն առջեւ։ Նոյնիսկ այն գիւղացիները, որոնք այնուամենայնիւ կրցան գիշերը ցերեկին խառնելով բերք հասցնել, եղան գերին մեծ շահատէրերուն, քանի որ ձեւ չունէին արտադրանքը շուկայ հասցնելու…Փոխադրամիջոցներու տէրը մենաշնորհի տէրերն էին… Հետեւաբար իրերայաջորդ իշխանութիւններու աչքերուն առջեւ տեղի ունեցաւ անհատ գիւղացիութեան ոլորտի արագ փոշիացումը։ Եւ տարածքներու աստիճանական կեդրոնացու՛մ մը մենաշնորհային համակարգի ուժերու ձեռքին։

Եւ այժմ յանկարծ երկրի գիւղատնտեսութեան փրկութիւնը կը սկսինք փնտռել արաբ եւ իրանցի եւ հնդիկ մեծ գործարարութիւններու հողային գնումներուն մէջ փոխանակ մտածելու գիւղատնտեսութեան ոլորտի արմատական բարեփոխութեան մասին։ Փոխանակ մեծ թափով հրապարակ իջնելու եւ գիւղացի՛ն վերակազմաւորելու, զայն նորօրեայ արհեստագիտութեամբ զինելու, անոր անհրաժեշտ ենթակառոյցներ հայթայթելու և անոր արտադրական գործունէութիւնը շուկայական արդիական գործընթացներով հարստացնելու։ Տարիներ առաջ, Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի անձնական ճիգերով խորհրդարանը ընդունեց յատուկ օրէնք պետական քաջալերանք ցոյց տալու համագործակցայիններու կազմութեան։ Այդ օրէնքը մնաց թուղթի վրայ։ Այժմ եւս պետութեան առջեւ դրուած է գիւղացին բարոյապէս լիազօրելու (empower) մեծ հրամայականը։ Առաջին Հանրապետութեան օրով, պատմական մեծ գործի մը սկիզբը դրուեցաւ։ Պետական գործօն քաջալերանքով ստեղծուեցան համագործակցայիններ (կոոպերատիվ, cooperatives) եւ գիւղացին պետութեան մէջ գտաւ իր անկեղծ գործընկերը։ Այսօր կը գտնուինք այնպիսի կացութեան մը մէջ, ուր գիւղացին հետզհետէ ինքզինք կը գտնէ իր հողէն օտարուելու տարերային պարտադրանքին տակ։ Ամօ՛թ մեզի, եթէ մենք ազգովին ձեռնթափ պիտի մնանք այս ազգային ողբերգութեան առջեւ։

Հողը օտարերկրեայ շահերու յանձնելու այս մոլորութիւնը անընդունելի է որեւէ պատճառաբանութեամբ և որեւէ չափանիշով։ Ան որեւէ կապ չունի օտարազգի ընկերութեանց հետ արդիւնաբերութեան (industry) մարզին մէջ համատեղ գործակցութեամբ ներդրումներ ձեւաւորելու համաշխարհային փորձին հետ։ Դուք այստեղ կը վաճառէք մեր ազգային ինքնութիւնը սահմանող հայրենական (patrimonial) հարստութիւնը եւ գրաւի տակ կը դնէք բոլոր վաղուան սերունդներու հայրենական իրաւունքը, որուն իրաւունքը դուք բացարձակապէս չունիք։ Դուք ձեր ոտքերը դրած էք շատ փորձանաւոր հողի մը վրայ։ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՈՂԸ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻ ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ։ Ասոնք օլիգարխիական համակարգէն ուղիղ գծով սերող ծոյլ եւ անպատասխանատու «լուծում»ներ են, զորս մեր ժողովուրդը պիտի մերժէ։ Եւ պիտի մերժէ ամէն գնով։

Դեկտեմբեր 21, 2017
Ուաշինկթըն

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողով

0
0

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան շրջանի կազմակերպութեամբ, Նիւ Եորքի Գոլոմպիա համալսարանին մէջ Մայիս 11 եւ 12, 2018-ին տեղի պիտի ունենայ գիտաժողով որուն պիտի մասնակցին մասնագիտացած նշանաւոր փրոֆէսօրներ։

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին նուիրուած այս գիտաժողովը կը հովանաւորեն Գոլոմպիա համալսարանի հայկական ամպիոնը, հայկական նիւթերու ուսումնասիրութեան եւ հետազօտութեան ազգային հիմնարկը (NAASR) եւ «Armenian Review» պարբերաթերթը:

Այս գիտաժողովին պիտի մասնակցին Լոս Անճելըսէն՝ փրոֆէսօր Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, Ֆրանսայէն՝ փրոֆէսօրներ Անահիտ Տէր Միանասեան եւ Գլէր Մուրատեան, Հայաստանէն՝ փրոֆէսօր Աշոտ Մելքոնեան, Պէյրութէն՝ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան, ինչպէս նաեւ կարգ մը ուրիշ հանրածանօթ մտաւորականներ եւ հայագէտներ։

Ըստ գիտաժողովի ատենապետ՝ Անդրանիկ Գասպարեանին, բացման նիստը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ երեկոյեան, մասնակցութեամբ բոլոր դասախօսներուն, նիւթ ունենալով «Առաջին Հանրապետութիւնը հարիւր տարի ետք»։ Շաբաթ օրը տեղի պիտի ունենան զանազան նիստեր հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։

Շաբաթ օրուան կէսօրուայ ճաշի նիստին փրոֆ. Յովհաննիսեանի դասախօսութեան նիւթն է՝ « Յիսնամեայ գիտական ուսումնասիրութեան Հայաստանի Հանրապետութեան մասին»։
Յառաջիկային մանրամասնութիւններ պիտի տանք մամուլով, այս գիտաժողովին նիւթերուն մասին եւ դասախօսներու անունները պիտի յայտարարենք։

Հոս տեղին է յիշել թէ այս գիտաժողովը մաս կը կազմէ 2018 թուականին Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տեղի ունենալիք Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն։

hairenikweekly.com

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Կ՛այցելէ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Գրասենեակ

0
0

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան անցեալ Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան մարմինին մէջ ՀՅԴի ներկայացուցիչ Վարդան Տէրտէրեանի ընկերակցութեամբ այցելեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի (ԿԿ) գրասենեակ, ուր հանդիպեցաւ ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին, Շահան սրբազան հանգամանօրէն ներկայացուց Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած խնդիրները, համայնքի վերականգնման ծրագիրները եւ այդ ուղղութեամբ ցարդ իրականացուած աշխատանքները:

ՀՅԴ ներկայացուցիչները իրենց կարգին զեկուցեցին Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ տարուած աշխատանքներուն մասին՝ շեշտելով, որ կուսակցութիւնը պատրաստ է շարունակելու իր աջակցութիւնը՝ Սուրիոյ հայութեան վերականգնման գործին:

asbarez.com

Հայկ Գայսէրեան նշանակուեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Գործադիր Տնօրէն

0
0

ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը (ՀԴ) յայտարարեց նշանակումը Հայկ Գայսէրեանի որպէս ՀԴի գործադիր Տնօրէն: Այս յայատարարութիւնը կը հետեւի ՀԴի մէջ վերջերս կայացած փոփոխութիւններէն ետք (կարդալ):

Գայսէրեան, որ երկար ժամանակ ծառայած է ՀԴին եւ ստանձնած զանազան պատասխանատու պաշտօններ Աւստրալահայ Համայնքին մէջ, յանձնառութիւն կը վերցնէ շարունակելու առաջնորդել Ցեղասպանութեան արդար հատուցում գտնելու համար մղուող պայքարը, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին եւ Աւստրալական բեմի վրայ ի նպաստ Հայ համայնքին տարուող աշխատանքին:

Գայսերեան ունի իր անձնական գործը՝ համակարգչային թուայնական նկերութիւն, որ իր գրասենեակները ունի Աւստրալիոյ եւ ԱՄՆի մէջ: Պահելով հանդերձ իր անձնական գործը ան կը հրաժարի ազգային բնագաւառներու մէջ տարած իր առօրեայ աշխատանքէն ամբողջապէս կեդրոնանալու համար ՀԴի մէջ ստանձնած նոր գործին:

Գայսէրեան համալսարանաւարտ է եւ Մաքուարի համալսարանէն վկայուած է որպէս Մետիայի եւ Մշակութային Գիտութեանց մասնագէտ: Նախ քան անձնական գործի սկսիլը ան աշխատած է որպէս լրագրող (SBS)ի մէջ:

ՀԴի նորանշանակ Ատենապետ Խաժակ Քորթեան իր եւ իր գլխաւորած յանձնախումբին գոհունակութիւնը յայտնեց Գայսէրեանի նշանակման համար: Ան յայտարարեց . «Ոեւէ մէկը մեր համայնքին մէջ քաջ գիտէ Հայկին Հայ Դատի աշխատանքին կառչած ըլլալը: Մեր ուրախութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ երբ ան ընդունեց առաջարկը ստանձնելու այս խիստ կարեւոր դերը եւ իր ամբողջ ժամանակը տրամադրելու Հայկական Հարցին: Հայկ պիտի տնօրինէ մեր գրասենեակը, որ ունի աշխուժ եւ խոստմնալից երկու երիտասարդ անդամներ, որոնք բոլորիս զօրակցութիւնը կը վայելեն»:

Գայսէրեան ըսաւ թէ պատուուած էր այս դերի տուուչութեամբ եւ պատրաստ էր Աւստրալահայ Համայնքին ծառայելու ամբողջական նուիրումով:«Կ’ընդունիմ որ անձնական գործիս եւ ասպարէզիս ժամանակաւոր դադար տալը անձնական մեծ եւ դժուարին որոշում մըն էր, զոր պէտք էր առնէի ընտանիքիս հետ միասին, սակայն համոզուած էի որ նոր դերս ստանձնելով դրական ներդրում պիտի բերէի ՀԴի ճիգին եւ աշխատանքներուն. Պատիւ է ինծի քալելու Վարանդ Մկրտիչեանի եւ Վաչէ Գահրամանեանի ոտնահետքերով, որոնց հետ աշխատած եմ երկար տարիներ: Կը խոստանամ վերանորոգուած եռանդ դնել մեր արդարութեան համար մղուող պայքարին, յանուն մեր նախնիներուն, յանուն Արցախի մէջ մշտական խաղաղութեան եւ յանուն ժողովրդավար յառաջընթացին Հայաստանի մէջ եւ յաւելեալ եռանդով կատարելու այն ինչ որ կը պահանջուի յօգուտ Աւստրալահայ Համայնքին եւ կամ դիմագրաւելու բոլոր այն խոչընդոտները, զորս մեր առջեւ կը դրուին մեր հակառակորդներուն կողմէ»:

ՀԴի նորանշանակ փոխ ատենապետ Վաչէ Գահրամանեան բացատրեց թէ Գայսէրեան պիտի մօտէն աշխատի երիտասարդութեան հետ, քաջալերելով զանոնք դառնալու գործօն անհատներ յօգուտ Հայկական Հարցին: «Նորութիւն չէ թէ Հայկը շատ մօտ է երիտասարդութեան որպէս Գօլստըն Ճեմարանէն եւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութենէն շրջանաւարտ: Այդ հանգամանքով ան աւելի եւս պիտի կարենայ ի նպաստ Հայ Դատի աշխատանքներուն մղել յաւելեալ երիտասարդ անհատներ: Մենք շնորհակալ ենք բոլոր Գործընկերներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք զօրաւիգ կանգնեցան ՀԴին, որոնց շնորհիւ կարողացանք միջոցներ ապահովել մեր գրասենեակի պահպանման համար, մեծ բան պարտելով Հայկ Գայսէրեանի, Օլիվիա Տիլանչեանի եւ Մայքըլ Գօլօգօսեանի անվերապահ յանձնառութեան եւ զոհողութեան» աւելցուց Գահրամանեան:

Գայսէրեան պաշտօնապէս պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը 2018ի Յունուարին:

armenia.com.au

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Ա.) Բացառիկ Համար Եւ Արխիւի Թուայնացում

0
0

Աւանդութիւն դարձած տարեփակի խոհերու կարգով, անգամ մը եւս այս սիւնակներուն մէջ կը տեղաւորենք «Ազդակ»-ի միամեայ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, իրագործումները, բացթողումները եւ յառաջիկայ տարուան կարեւորագոյն ծրագիրներու նախանիշերը:

«Ազդակ»-ի 90-ամեակի նշումը յոբելենական հանդիսութիւններէն աւելի, մեզ մղեց մնայուն հետք ձգելիք որոշ ծրագիրներ իրականացնելու հրամայականին ուղղութեամբ աշխատելու:

Մեր առաջին առաջադրանքը եղաւ հրատարակել յատուկ բացառիկ հատոր մը, որ կարելիի սահմաններուն մէջ պիտի հաւաքէր «Ազդակ»-ի պատմութեան հետ առնչուած նիւթեր, հիմնական լուսանկարներ, «Ազդակ»-ի անցած 90-ամեայ ուղիի կարեւորագոյն փուլեր, «Ազդակ»-էն անցած տնօրէնններու, խմբագիրներու, աշխատակիցներու կամ ընդհանրապէս անձնակազմին մաս կազմած եւ տարբեր բաժանմունքներու մէջ գործած անհատներու անուանացանկը:

Հատորի բովանդակութիւնը ունեցաւ հիմնականին մէջ արխիւային, յուշագրական, հարցազրուցային, վկայութիւններու եւ ողջունագրային բաժիններ: Իբրեւ մեթոտաբանութիւն, անկախ բովանդակութեան նախագիծն ու առանցքը բացատրող նամակ-դիմումներէն, խմբագրութիւնը դիմեց նաեւ նախկին տնօրէններու, պատասխանատու խմբագիրներու, որպէսզի իրենց հետ կայանալիք զրոյցներու ճամբով փոխանցեն այն ինչ որ իբրեւ յուշ, առաջադրանք, իրականացած գործունէութիւն կրնային հարստացնել հատորը:

Այդպէս ալ եղաւ, կարելիի սահմաններուն մէջ, խմբագրութիւնը հրատարակութեան յանձնեց այդ բոլորը. փաստօրէն ընթերցողը այնտեղ գտաւ «Ազդակ»-ի պատմականն ու ներկան` նկարագրականներով, վերլուծումներով, յուշերով: Բազմահարիւր անհատ նշած անուանացանկը ամիսներ տեղադրուած մնաց համացանցի վրայ եւ յատուկ տարածում գտաւ դիմումը` այդ ցանկը համալրելու: Ճշդումներ, յապաւումներ, նոր անուններ եկան համալրելու եւ վերջնական տեսքի բերելու «Ազդակ»-էն անցած մամուլի գործիչներու եւ աշխատակիցներու անուանացանկը:

Յաւակնութիւնը չունինք անշուշտ «Ազդակ»-ի ամբողջական պատմութիւնը ներկայացնող հատոր մը ընթերցող հասարակութեան տրամադրութեան տակ դնելու: Բայց…

Աշխատանքի առընթեր մեր խմբագիրները համոզուեցան, որ այն ինչ որ կը պակսէր մեզի իբրեւ արխիւային նիւթ, այն ինչ որ ամէն օր «Ազդակ»-ի էջերուն հրատարակուած սիւնակներէն դուրս մնացած էր ու չէր գրուած, այն ինչ որ իբրեւ լուսանկար չէր հրատարակուած «Ազդակ»-ի էջերուն, տակաւի՛ն` այն ինչ որ չէր պատմուած նախորդ տնօրէններու եւ պատասխանատու խմբագիրներու կողմէ.. կամ` այն ինչ որ նեղ շրջանակներու մէջ իբրեւ քաղցր յիշատակ պատմուած էր, բայց թուղթին չէր յանձնուած շարունակելու համար` այն ինչ որ այսօր իբրեւ յիշողութիւն կար, բայց վաղը կրնար կորսուիլ, այս բոլորը համատեղուեցան, խմբագրուեցան եւ լոյսին եկան:

Այլ խօսքով, մամուլի պատմութեամբ զբաղող ոեւէ մատենագէտ, սփիւռքահայ մամուլի պատմութիւնը խմբագրելու համար այսօր իր տրամադրւթեան տակ ունի «Ազդակ»-ի 90-ամեայ գործունէութեան մասին շատ կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցող անշրջանցելի հրատարակութիւն մը:  Իսկ այդ հրատարակութիւնը արդէն մամուլի մատենագիտական աշխատանքներուն համար, տարբեր գիտաշխատողներու կողմէ նկատուեցաւ, ու տակաւին կը նկատուի անպայման, սկզբնաղբիւր:

Խմբագրական խորհուրդին համոզումով այս հրատարակութիւնը փրկութեան աշխատանք մըն էր. փրկելու` բանաւորը, յուշը, լուսանկարը, կարեւոր փուլերու իրագործումներն ու դժուարութիւնները, նոյնիսկ մամուլի աշխատակիցներու նկարագրային գիծերու թողած ազդեցութիւնը աշխատանքին վրայ: Տնօրէններ, խմբագիրներ, աշխատակիցներ, տարբեր բաժիններու անձնակազմեր, որոնց անմնացորդ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք 90 տարիէ ի վեր ամէն օր լոյսին կու գայ «Ազդակ»-ը:

«Ազդակ»-ի համար կարեւորագոյն առաջադրանք էր քանի մը տարի առաջ սկսած արխիւի ամբողջական թուայնացումը, որ պէտք էր իր լրումին հասցնել 90-ամեակին: Այս մասին օրը-օրին հաղորդած էինք մեր ընթերցողներուն, նշելով արխիւի հաւաքածոյին մէջ պակսող թիւերը` թուականներով, մանրամասնութիւններով: Կարելի ամբողջացումը, տարբեր գրադարաններէ մեզի ուղարկուած, մեր մօտ պակսող համարներու նկարահանումները համալրեցին մեր թուային արխիւը: Համալրման միտող այս աշխատանքը կարելի է փակուած նկատել` տրուած ըլլալով, որ ընդամէնը մէկուկէս տարուան ժամանակի վրայ երկարող պակսող թիւերը որեւէ տեղ չգտնելով (գէթ այս պահու դրութեամբ) կ՛ենթադրենք, որ անոնք չեն հրատարակուած (մանաւանդ նկատի ունենալով Համաշխարհային Բ. պատերազմի զուգադիպելու փաստը):

Այս աշխատանքին զուգահեռ նկարահանուեցան եւ թուայնացան հնատիպ այլ մամուլի որոշ թիւեր, բոլորն ալ` օրաթերթով ներկայացուած. մինչ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանին հետ մեր գործակցութիւնը յանգեցաւ նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան (1918-1921) օրերուն լոյս տեսած մամուլի թուայնացման: Այս ալ «Ազդակ»-ի մասնակցութիւնն էր Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի ընդհանուր աշխատանքներուն:

Դիմումներն ու հարցումները բազմաթիւ են, թէ ե՞րբ հանրութեան եւ ուսումնասիրողին հասանելի պիտի դառնայ ամբողջական արխիւը: Մինչ, տարբեր հայագիտական կեդրոններ թէ ազգային հաստատութիւններ վճարումի դիմաց կը ստանան «Ազդակ»-ի ամբողջական եւ թուայնացուած հաւաքածոն:

Նկատի ունենալով, որ թուայնացման այս աշխատանքը հասկնալիօրէն իրականացաւ որոշակի գումարով, հաւաքածոները նախ եւ առաջ պիտի տրամադրուին արխիւային կեդրոններու, հայագիտական ամպիոններու եւ ազգային հաստատութիւններու: Մինչ, խմբագրատուն այցելողները կրնան օգտուիլ ելեկտրոնային արխիւէն: Արդէն իսկ, ուսանողներ թէ հետազօտողներ կ՛այցելեն խմբագրատուն եւ իրենց աւարտաճառերուն եւ աշխատասիրութիւններուն համար մեծապէս կ՛օգտուին արխիւէն:

Թուայնացման բաժանմունքի աշխատանքը այստեղ չ՛աւարտիր անշուշտ: «Ազդակ» պիտի շարունակէ ընդունիլ մամուլի այլ ներկայացուցիչներու դիմումները` ստանձնելու եւ որոնման համակարգով թուայնացնելու անոնց հաւաքածոները: Հեռանկարային առումով «Ազդակ» մեկնարկած է արդէն ելեկտրոնային գրադարան ունենալու ծրագիրը, որուն հիմնական բաժինը պիտի ըլլայ հայկական մամուլը, բայց նաեւ սկսելու համար` հնատիպ գիրքերու ելեկտրոնային տարբերակները:

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով Ս. Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» հատորի թուայնացումն ու օրին յայտարարուած գիրքերը այս հեռանկարին համար իրագործուած առաջին աշխատանքներն են:

Կը գիտակցինք, որ ժամանակները ճշդած են թուային ռազմավարութեան աշխատելաեղանակները եւ ամէն կազմակերպութիւն, հաստատութիւն, կառոյց կ՛ուղղուի ո՛չ միայն արխիւները, այլ նաեւ ընդհանրապէս աշխատանքային համակարգը այս դաշտին մէջ տեղաւորելու եւ նորարար ուղղութիւններով աշխատելու: Մենք եւս պիտի փորձենք քայլ պահել հրամցուող աշխատելաձեւերուն հետ:

Հիմա սակայն կրնանք յայտարարել, որ կատարուած է մեր առջեւ դրուած առաջադրանքը: «Ազդակ»-ի ամբողջական արխիւը թուայնացած է:

Viewing all 12047 articles
Browse latest View live